Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։ Երկիրը անձեւ ու պարապ էր եւ անդունդին վրայ խաւար կար եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր։ Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։ Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց։ Աստուած լոյսին անունը Ցորեկ եւ խաւարին անունը Գիշեր դրաւ։ Իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ առաջին օրը եղաւ։ Եւ Աստուած ըսաւ. «Ջուրերուն մէջտեղը հաստատութիւն ըլլայ եւ ջուրերը ջուրերէն զատէ»։ Աստուած հաստատութիւնը ըրաւ ու հաստատութեանը տակ եղած ջուրերը հաստատութեանը վրայ եղած ջուրերէն զատեց ու այնպէս եղաւ։ Աստուած հաստատութիւնը Երկինք կոչեց եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ երկրորդ օրը եղաւ։ Աստուած ըսաւ. «Երկնքի տակ եղած ջուրերը մէկտեղ թող հաւաքուին ու ցամաքը երեւնայ» եւ այնպէս եղաւ։ Աստուած ցամաքին անունը Երկիր դրաւ ու հաւաքուած ջուրերը Ծով կոչեց։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։ Աստուած ըսաւ. «Երկիրը կանաչ խոտ թող բուսցնէ, սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս պտուղ տուող պտղաբեր ծառ, որ իր մէջ իր սերմը ունենայ երկրի վրայ» ու այնպէս եղաւ։ Ու երկիրը կանաչ խոտ, իր տեսակին պէս սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս սերմ ունեցող պտղաբեր ծառ հանեց։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ երրորդ օրը եղաւ։ Աստուած ըսաւ. «Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէս զի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։ Ու երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորելու համար ըլլան, որպէս զի երկրի վրայ լոյս տան» ու այնպէս եղաւ։ Եւ Աստուած երկու մեծ լուսաւորներ ըրաւ։ Մեծ լուսաւորը ցորեկուան իշխելու համար ու պզտիկ լուսաւորը գիշերուան իշխելու համար։ Աստղերն ալ ըրաւ ։ Եւ Աստուած երկնքի հաստատութեանը մէջ դրաւ զանոնք, որպէս զի երկրի վրայ լոյս տան Եւ ցորեկուան ու գիշերուան իշխեն եւ լոյսը խաւարէն զատեն։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ չորրորդ օրը եղաւ։ Աստուած ըսաւ. «Ջուրերը կենդանութեան շունչ ունեցող շատ սողուններ թող հանեն եւ թռչունները երկրի վրայ, երկնքի հաստատութեանը երեսը թող թռչին»։ Աստուած ստեղծեց մեծամեծ կէտերը եւ ամէն սողացող շնչաւոր կենդանի, որոնք ջուրերը առատ հանեցին իրենց տեսակին պէս ու ամէն թեւաւոր թռչուն՝ իր տեսակին պէս։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։ Աստուած օրհնեց զանոնք՝ ըսելով. «Աճեցէք ու շատցէք եւ ծովերուն մէջ եղած ջուրերը լեցուցէք. թռչուններն ալ երկրի վրայ թող շատնան»։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ հինգերորդ օրը եղաւ։ Աստուած ըսաւ. «Երկիրը թող հանէ շնչաւոր կենդանի՝ իր տեսակին պէս՝ անասուններ, սողուններ ու երկրի գազաններ՝ իրենց տեսակին պէս»։ Եւ այնպէս եղաւ։ Աստուած երկրի գազանները իրենց տեսակին պէս եւ ընտանի անասունները իրենց տեսակին պէս ու գետնի բոլոր սողունները իրենց տեսակին պէս ըրաւ։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են։ Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ»։ Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։ Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։ Աստուած ըսաւ. «Ահա ձեզի տուի բոլոր երկրի վրայ եղած ամէն սերմ ունեցող խոտ ու ամէն ծառ, որուն մէջ սերմ տուող ծառի պտուղ կայ։ Ասոնք ձեզի կերակուր պիտի ըլլան։ Ու երկրի բոլոր գազաններուն ու երկնքի բոլոր թռչուններուն եւ երկրի վրայ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր սողուններուն՝ կերակուրի համար կանաչ խոտ տուի »։ Ու այնպէս եղաւ։ Եւ Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ վեցերորդ օրը եղաւ։ Ամբողջացան երկինք ու երկիր եւ անոնց բոլոր զարդերը։ Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն։ Եւ Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց ու սրբեց զանիկա. վասն զի անոր մէջ հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն՝ որոնք ստեղծագործութեան մէջ կատարած էր։ Ասոնք են երկնքի ու երկրի ծնունդները՝ անոնց ստեղծուած ատենը։ Երբ Տէր Աստուած երկիրն ու երկինքը ըրաւ, դեռ դաշտին բոլոր բոյսերը՝ երկրի վրայ չեղած եւ դաշտին բոլոր խոտը՝ դեռ չբուսած. քանզի Տէր Աստուած երկրի վրայ տակաւին անձրեւ բերած չէր ու գետինը մշակող մարդ չկար, Հապա երկրէն շոգի կ’ելլէր ու գետնին բոլոր երեսը կը ջրէր։ Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ։ Եւ Տէր Աստուած արեւելեան կողմը՝ Եդեմի մէջ՝ պարտէզ տնկեց ու իր շինած մարդը հոն դրաւ։ Եւ Տէր Աստուած գետնէն՝ տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ ու պարտէզին մէջտեղը կենաց ծառը եւ բարին ու չարը գիտնալու ծառն ալ բուսցուց։ Եւ պարտէզը ջրելու համար Եդեմէն գետ մը կ’ելլէր ու անկէ չորս ճիւղի կը բաժնուէր։ Մէկուն անունը Փիսոն է. ասիկա Եւիլայի բոլոր երկիրը կը պտըտի, ուր ոսկի կայ Եւ այն երկրին ոսկին ազնիւ է. սուտակ ու եղնգնաքար կայ հոն։ Ու երկրորդ գետին անունը Գեհոն է. ասիկա Քուշի բոլոր երկիրը կը պտըտի։ Ու երրորդ գետին անունը Տիգրիս է. ասիկա Ասորեստանի արեւելեան կողմը կ’երթայ։ Եւ չորրորդ գետը Եփրատ է։ Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա մշակէ ու պահէ։ Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. Բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ Տէր Աստուած ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար» Եւ Տէր Աստուած դաշտին բոլոր գազաններն ու երկնքի բոլոր թռչունները հողէն շինեց եւ Ադամին առջեւ բերաւ, որպէս զի տեսնէ թէ անոնց ի՛նչ անուն պիտի դնէ։ Ադամ ի՛նչ անուն, որ դրաւ շնչաւոր կենդանիի, այն եղաւ անոր անունը։ Ադամ բոլոր անասուններուն ու երկնքի թռչուններուն եւ դաշտի բոլոր գազաններուն անուններ դրաւ, բայց Ադամին յարմար օգնական մը չգտնուեցաւ։ Եւ Տէր Աստուած խորունկ քուն մը բերաւ Ադամին վրայ ու անիկա քնացաւ։ Անոր կողին ոսկորներէն մէկը առաւ ու անոր տեղը միս լեցուց։ Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց ու զանիկա Ադամին բերաւ։ Ադամ ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ»։ Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան։ Եւ Ադամ ու իր կինը՝ երկուքն ալ մերկ էին ու չէին ամչնար։ Եւ Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ Կինը օձին ըսաւ. «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել, Բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէս զի չմեռնիք’»։ Օձը կնոջ ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. Քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ Կինը տեսնելով որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ եւ իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ Ու անոնց երկուքին աչքերը բացուեցան ու մերկ ըլլալնին գիտցան եւ թզենիի տերեւներ կարեցին ու իրենց ծածկոցներ ըրին։ Օրուան զով ատենը պարտէզին մէջ պտըտող Տէր Աստուծոյ ձայնը լսելով՝ Ադամ ու իր կինը Տէր Աստուծոյ երեսէն պարտէզին ծառերուն մէջ պահուեցան։ Տէր Աստուած Ադամը կանչեց ու ըսաւ անոր. «Ո՞ւր ես»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, վասն զի մերկ էի ու պահուեցայ»։ Եւ Աստուած ըսաւ. «Ո՞վ յայտնեց քեզի քու մերկ ըլլալդ. արդեօք կերա՞ր այն ծառէն՝ որուն համար քեզի պատուիրեցի, որ անկէ չուտես»։ Ադամ ըսաւ. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ»։ Տէր Աստուած ըսաւ կնոջ «Ի՞նչ է այս քու ըրածդ»։ Կինը ըսաւ. «Օձը զիս խաբեց ու ես կերայ»։ Եւ Տէր Աստուած օձին ըսաւ. «Աս ընելուդ համար՝ բոլոր անասուններէն եւ դաշտին բոլոր գազաններէն անիծեալ ըլլաս, փորիդ վրայ քալես ու կեանքիդ բոլոր օրերը հող ուտես։ Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։ Եւ կնոջ ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու էրկանդ հնազանդ ըլլաս ու անիկա քու վրադ իշխէ»։ Եւ Ադամին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր եւ այն ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով՝ ‘Չուտես անկէ’, երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ Եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես։ Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ Ադամ իր կնոջ անունը Եւա դրաւ. վասն զի ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրը անիկա էր։ Եւ Տէր Աստուած Ադամին ու անոր կնոջ կաշիէ հանդերձներ շինեց ու անոնց հագցուց։ Եւ Տէր Աստուած ըսաւ. «Ահա Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալով եւ հիմա պիտի չթուլատրեմ որ ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ եւ ուտէ ու յաւիտեան ապրի» Ուստի Տէր Աստուած Եդեմի պարտէզէն դուրս ըրաւ զանիկա, որպէս զի երկիրը մշակէ, ուրկէ առնուեցաւ։ Այսպէս վռնտեց Ադամը ու Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար։ Եւ Ադամ գիտցաւ իր Եւա կինը ու ան յղացաւ ու Կայէնը ծնաւ եւ ըսաւ. «Մարդ ստացայ Տէրոջմէն»։ Եւ դարձեալ անոր Աբէլ եղբայրը ծնաւ եւ Աբէլ ոչխարներու հովիւ եղաւ, բայց Կայէն երկիրը կը մշակէր։ Ժամանակ մը յետոյ Կայէն երկրի պտուղէն Տէրոջը ընծայ բերաւ։ Եւ Աբէլ ինք ալ ոչխարներուն անդրանիկներէն ու անոնց պարարտներէն բերաւ։ Տէրը Աբէլին ու անոր ընծային նայեցաւ, Բայց Կայէնին ու անոր ընծային չնայեցաւ։ Ուստի Կայէն խիստ բարկացաւ ու երեսը կախեց։ Եւ Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր. Եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես»։ Կայէն իր Աբէլ եղբօրը հետ խօսեցաւ ու երբ անոնք դաշտն էին, Կայէն իր Աբէլ եղբօրը վրայ ելաւ ու սպաննեց զանիկա։ Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ո՞ւր է քու եղբայրդ Աբէլը»։ Անիկա ըսաւ. «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»։ Տէրը ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ։ Դուն անիծեալ ես երկրէն, որ իր բերանը բացաւ եղբօրդ արիւնը քու ձեռքէդ ընդունելու։ Երբ երկիրը մշակես, այսուհետեւ իր արդիւնքը պիտի չտայ քեզի, երկրի մէջ աստանդական ու թափառական ըլլաս»։ Կայէն ըսաւ Տէրոջը. « Իմ մեղքս թողութիւն գտնելու չափէն աւելի մեծ է։ Ահա զիս այսօր երկրի երեսէն վռնտեցիր ու ես քու երեսէդ պիտի պահուիմ ու երկրի մէջ աստանդական ու թափառական պիտի ըլլամ եւ պիտի ըլլայ որ, ով որ զիս գտնէ, զիս պիտի մեռցնէ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Ուրեմն ով որ Կայէնը սպաննէ, անկէ եօթնապատիկ վրէժ առնուի»։ Տէրը նշան մը դրաւ Կայէնին, որպէս զի զանիկա գտնող մէկը չմեռցնէ զանիկա։ Կայէն Տէրոջը առջեւէն ելաւ ու Եդեմի արեւելեան կողմը, Նայիդ երկիրը բնակեցաւ։ Կայէն իր կինը գիտցաւ ու անիկա յղացաւ ու Ենովքը ծնաւ եւ քաղաք մը շինեց այն ատեն ու քաղաքին անունը՝ իր որդիին անուանը պէս՝ Ենովք դրաւ։ Եւ Ենովք ծնաւ Գայիրադը եւ Գայիրադ ծնաւ Մայիէլը ու Մայիէլ ծնաւ Մաթուսայէլը եւ Մաթուսայէլ ծնաւ Ղամէքը։ Ղամէք իրեն երկու կին առաւ. մէկուն անունը Ադդա ու միւսին անունը Սելլա էր։ Ադդա ծնաւ Յոբէլը, որ վրանաբնակներուն ու հովիւներուն հայրն էր։ Անոր եղբօրը անունը Յոբալ էր, որ բոլոր քնարահարներուն ու սրնգահարներուն հայրն էր։ Սելլա ալ ծնաւ Թոբէլկայէնը, որ պղնձէ ու երկաթէ ամէն տեսակ գործիք կը շինէր։ Թոբէլկայէնին քոյրը Նաամա էր։ Ղամէք իր կիներուն՝ Ադդային ու Սելլային ըսաւ. «Ձայնս լսեցէ՛ք, ո՛վ Ղամէքի կիներ, ակա՛նջ դրէք իմ խօսքիս. վասն զի ես մարդ մը սպաննեցի ինծի վէրք ու երիտասարդ մը՝ ինծի պատուհաս ըլլալով։ Եթէ Կայէնին համար եօթնապատիկ վրէժ առնուի, Ղամէքին համար ալ եօթանասունըեօթն անգամ»։ Ադամ դարձեալ իր կինը գիտցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սէթ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած ինծի Կայէնին մեռցուցած Աբէլին տեղ ուրիշ սերունդ մը տուաւ»։ Սէթ ալ որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Ենովս դրաւ։ Այն ատեն սկսան Տէրոջը անունը կանչել։ Այս է Ադամին ազգաբանութեան գիրքը։ Այն օրը որ Աստուած մարդը ստեղծեց, Աստուծոյ պատկերովն ըրաւ զանիկա. Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք եւ օրհնեց զանոնք ու անոնց ստեղծման օրը անոնց անունը Ադամ դրաւ։ Ադամ հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ եւ իր նմանութիւնովը՝ իր պատկերին պէս որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սէթ դրաւ։ Ադամին օրերը Սէթը ծնանելէն ետքը ութ հարիւր տարի եղան եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Ադամին կեանքին բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան ու մեռաւ։ Սէթ հարիւր հինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ենովսը։ Սէթ Ենովսը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Սէթին բոլոր օրերը ինը հարիւր տասներկու տարի եղան ու մեռաւ։ Ենովս իննիսուն տարի ապրեցաւ եւ Կայնանը ծնաւ։ Ենովս Կայնանը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տասնըհինգ տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Ենովսին բոլոր օրերը ինը հարիւր հինգ տարի եղան ու մեռաւ։ Կայնան եօթանասուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Մաղաղիէլը։ Կայնան Մաղաղիէլը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր քառասուն տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Կայնանին բոլոր օրերը ինը հարիւր տասը տարի եղան ու մեռաւ։ Մաղաղիէլ վաթսունըհինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Յարեդը։ Եւ Մաղաղիէլ Յարեդը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Մաղաղիէլին բոլոր օրերը ութը հարիւր իննիսուըհինգ տարի եղան ու մեռաւ։ Յարեդ հարիւր վաթսունըերկու տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ենովքը։ Յարեդ Ենովքը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Յարեդին բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսունըերկու տարի եղան ու մեռաւ։ Ենովք վաթսունըհինգ տարի ապրեցաւ եւ ծնաւ Մաթուսաղան։ Ենովք Մաթուսաղան ծնանելէն ետքը երեք հարիւր տարի Աստուծոյ հետ քալեց եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Ենովքին բոլոր օրերը երեք հարիւր վաթսունըհինգ եղան։ Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց եւ չէր գտնուեր, քանզի Աստուած առաւ զանիկա։ Մաթուսաղա հարիւր ութսունըեօթը տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ղամէքը։ Մաթուսաղա Ղամէքը ծնանելէն ետքը եօթը հարիւր ութսունըերկու տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Մաթուսաղային բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսունըինը տարի եղան ու մեռաւ։ Ղամէք հարիւր ութսունըերկու տարի ապրեցաւ ու որդի մը ծնաւ Եւ անոր անունը Նոյ դրաւ՝ ըսելով. «Ասիկա մեզ պիտի հանգստացնէ մեր գործերէն ու մեր ձեռքերուն աշխատութենէն, որ Տէրոջը անիծած երկրին պատճառով կը կրենք »։ Ղամէք Նոյը ծնանելէն ետքը հինգ հարիւր իննիսունըհինգ տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Ղամէքին բոլոր օրերը եօթը հարիւր եօթանասունըեօթը տարի եղան ու մեռաւ։ Նոյ հինգ հարիւր տարեկան եղաւ եւ Նոյ ծնաւ Սէմը, Քամը ու Յաբեթը։ Երբ մարդիկ երկրի վրայ շատնալ սկսան ու իրենց աղջիկներ ծնան, Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասն զի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան»։ Այն օրերը երկրի մէջ հսկաներ կային։ Անկէ ետքն ալ երբ Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն կը մտնէին, որոնք անոնց զաւակներ կը ծնանէին, ասոնք հինէն ի վեր զօրաւոր ու անուանի մարդիկ էին։ Եւ Տէրը երբ տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր, Տէրը երկրի վրայ մարդը ստեղծելուն զղջաց ու իր սրտին մէջ տրտմեցաւ Եւ Տէրը ըսաւ. «Երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ ինչ որ ստեղծեցի, մարդէն մինչեւ անասունները եւ սողունները ու երկինքի թռչունները, վասն զի անոնք ստեղծելուս կը զղջամ»։ Բայց Նոյ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ։ Այս է Նոյին պատմութիւնը՝ ՝. Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց։ Նոյ ծնաւ երեք որդի՝ Սէմը, Քամը ու Յաբեթը։ Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ։ Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած էր, վասն զի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր։ Եւ Աստուած ըսաւ Նոյին. «Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ, ուստի զանոնք երկրին հետ պիտի աւերեմ։ Արդ դուն քեզի խժաբեր փայտէ տապան մը շինէ, տապանին մէջ խորշեր շինէ, զանիկա ներսէն ու դուրսէն ձիւթով ծեփէ։ Այս ձեւով շինես զանիկա։ Տապանին երկայնութիւնը երեք հարիւր կանգուն, լայնութիւնը յիսուն կանգուն եւ բարձրութիւնը երեսուն կանգուն ըլլայ։ Տապանին լուսամուտ շինէ ու զանիկա մէկ կանգունի չափով լմնցուր վերէն եւ տապանին դուռը մէկ կողմէն դիր. ներքնատունով, միջնատունով ու վերնատունով շինէ զանիկա։ Ես ահա երկրի վրա ջրհեղեղ պիտի բերեմ, երկնքի տակ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր մարմինները կորսնցնելու համար։ Երկրի վրայ ինչ որ կայ՝ պիտի սատկի։ Բայց քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ ու տապանը պիտի մտնէք դուն ու քու որդիներդ եւ կինդ ու որդիներուդ կիները քեզի հետ։ Ամէն տեսակ անասուններէ, ամէն մարմինէ, իւրաքանչիւրէն երկերկու հատ տապանը բեր, որպէս զի քեզի հետ ողջ մնան. արու եւ էգ ըլլան անոնք։ Թռչուններէն իրենց տեսակին պէս եւ ընտանի անասուններէն իրենց տեսակին պէս, երկրի բոլոր սողուններէն իրենց տեսակին պէս, իւրաքանչիւրէն երկերկու հատ քեզի պիտի գան ողջ մնալու համար։ Եւ դուն առ քեզի այն ամէն բաներէն որ կ’ուտուին ու քովդ հաւաքէ, որպէս զի քեզի եւ անոնց ուտելիք ըլլայ»։ Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս։ Տէրը ըսաւ Նոյին. «Դուն քու բոլոր տունովդ տապանը մտիր, վասն զի այս դարուն մարդոց մէջ քեզ իմ առջեւս արդար տեսայ։ Մաքուր անասուններէն քեզի եօթնական հատ առ, արու եւ էգ. իսկ անմաքուր անասուններէն երկերկու հատ՝ արու եւ էգ։ Երկնքի թռչուններէն ալ եօթնական հատ առ, արու եւ էգ, բոլոր երկրի վրայ անոնց սերունդը ողջ պահելու համար։ Վասն զի եօթը օրէն ետքը երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ պիտի բերեմ եւ ամէն էակ որ ըրի, երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ»։ Նոյ ըրաւ Տէրոջը բոլոր իրեն պատուիրածին պէս։ Ջրհեղեղին երկրի վրայ եկած ատենը Նոյ վեց հարիւր տարեկան էր։ Նոյ ու իր որդիները եւ իր կինը ու իր որդիներուն կիները իրեն հետ՝ ջրհեղեղին ջուրերուն պատճառաւ տապանը մտան։ Մաքուր անասուններէն ու անմաքուր անասուններէն եւ թռչուններէն ու երկրի վրայ ամէն սողացողներէն՝ Զոյգ զոյգ արու եւ էգ տապանը Նոյին գացին, ինչպէս Աստուած Նոյին պատուիրած էր։ Եւ եղաւ որ եօթը օրէն ետքը ջրհեղեղին ջուրերը երկրի վրայ եկան։ Նոյի կեանքին վեցհարիւրերորդ տարին, երկրորդ ամիսը, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, նոյն օրը մեծ անդունդին բոլոր աղբիւրները ճեղքուեցան ու երկնքի պատուհանները բացուեցան Ու երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ եկաւ։ Ճիշդ նոյն օրը Նոյ եւ իր որդիները՝ Սէմ ու Քամ եւ Յաբեթ եւ Նոյին կինը ու իր որդիներուն երեք կիները իրենց հետ տապանը մտան։ Անոնք ու բոլոր գազանները իրենց տեսակին պէս եւ բոլոր ընտանի անասունները իրենց տեսակին պէս ու երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները իրենց տեսակին պէս եւ բոլոր թռչունները իրենց տեսակին պէս, ամէն տեսակ թեւաւոր թռչուն. Կենդանութեան շունչ ունեցող ամէն մարմինէ երկերկու հատ տապանը մտան։ Եւ տապանը մտնողները արու եւ էգ մտան, ինչպէս Աստուած անոր պատուիրեր էր եւ Տէրը անոր ետեւէն տապանը գոցեց։ Ու երկրի վրայ քառասուն օր ջրհեղեղ եղաւ եւ ջուրերը շատցան ու տապանը վերցուցին եւ անիկա երկրէն բարձրացաւ։ Եւ ջուրերը զօրացան ու խիստ շատցան երկրին վրայ ու տապանը ջուրերուն երեսին վրայ կը պտըտէր։ Եւ ջուրերը երկրին վրայ խիստ շատ զօրացան ու բոլոր երկնքի տակ եղող բոլոր բարձր լեռները ծածկեցին։ Ջուրերը տասնըհինգ կանգուն վեր բարձրացան եւ լեռները ծածկեցին։ Ու երկրի վրայ շարժող ամէն մարմին, թէ՛ թռչուն, թէ՛ անասուն, թէ՛ գազան եւ թէ՛ երկրի վրայ սողացող ամէն սողուն եւ ամէն մարդ մեռան։ Ցամաքի վրա եղողներէն անոնք՝ որ ռնգունքներուն մէջ կենդանութեան շունչ ունէին, ամէնքն ալ մեռան։ Ու երկրի երեսին վրայ եղող ամէն էակ ջնջուեցաւ, մարդէն մինչեւ անասունը, սողունէն մինչեւ երկնքի թռչունը. անոնք երկրէն ջնջուեցան ու միայն Նոյ մնաց եւ իրեն հետ տապանին մէջ եղողները։ Եւ ջուրերը երկրի վրայ հարիւր յիսուն օր բարձրացած մնացին։ Եւ Աստուած յիշեց Նոյը ու անոր հետ տապանին մէջ եղած բոլոր գազանները ու բոլոր անասունները։ Աստուած երկրի վրայ հով մը բերաւ ու ջուրերը նուազեցան։ Նաեւ անդունդին աղբիւրները ու երկնքի պատուհանները գոցուեցան եւ երկնքի անձրեւը կտրեցաւ։ Ու երթալով ջուրերը երկրի վրայէն քաշուեցան ու հարիւր յիսուն օրէն ետքը ջուրերը քիչցան։ Եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, տապանը Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ։ Ջուրերը երթալով քիչցան մինչեւ տասներորդ ամիսը եւ տասներորդ ամսուան առաջին օրը լեռներուն գլուխները երեւցան։ Քառասուն օր ետքը Նոյ իր շինած տապանին պատուհանը բացաւ Եւ ագռաւ մը արձակեց, որ ելաւ ու ասդին անդին կը պտըտէր՝ մինչեւ երկրի վրայէն ջուրերուն ցամքիլը։ Աղաւնի մըն ալ քովէն արձակեց, որպէս զի տեսնէ թէ արդեօք երկրին վրայէն ջուրերը քիչցա՞ծ են։ Բայց աղաւնին իր ոտքը դնելու տեղ չգտաւ ու տապանը դարձաւ. վասն զի բոլոր երկրին երեսը ջուրեր կային։ Այն ատեն Նոյ իր ձեռքը երկնցուց ու առաւ զանիկա եւ իր քով տապանին մէջ բերաւ։ Եօթը օր ալ սպասեց եւ նորէն աղաւնի մը տապանէն արձակեց։ Ու իրիկուան դէմ աղաւնին անոր եկաւ եւ ահա իր բերանը ձիթենիի նոր փրցուած տերեւ մը կար, ուստի Նոյ գիտցաւ թէ ջուրերը երկրի վրայէն քիչցած են։ Եւ եօթը օր ալ սպասեց ու նորէն աղաւնի մը արձակեց, որ ա՛լ անոր չդարձաւ։ Նոյի կեանքին վեց հարիւրմէկերորդ տարուան առաջին ամսուան առաջին օրը, ջուրերը երկրին վրայէն ցամքեցան։ Նոյ տապանին ծածկոցը վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա երկրին երեսը ցամքեր էր։ Ու երկրորդ ամսուն՝ ամսուան քսանըեօթներորդ օրը երկիրը չորցաւ։ Եւ Աստուած խօսեցաւ Նոյին ու ըսաւ. «Տապանէն դուրս ելիր դուն ու քու կինդ եւ քու որդիներդ եւ քու որդիներուդ կիները քեզի հետ։ Քեզի հետ եղող ամէն կենդանի ամէն մարմինէ՝ թէ՛ թռչունները, թէ՛ անասունները եւ թէ՛ երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները քեզի հետ հանէ, որպէս զի երկրի վրայ բազմանան ու երկրի վրայ աճին ու շատնան»։ Նոյ ու իր որդիները եւ իր կինը եւ իր որդիներուն կիները իրեն հետ ելան. Ամէն անասուն, ամէն սողուն ու ամէն թռչուն, երկրին վրայ ամէն շարժողները իրենց տեսակին պէս տապանէն ելան։ Եւ Նոյ սեղան մը շինեց Տէրոջը ու ամէն մաքուր անասունէ եւ ամէն մաքուր թռչունէ հատ մը առաւ ու սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց։ Տէրը անոյշ հոտը հոտուըտաց եւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Ա՛լ ասկէ յետոյ մարդուն համար նորէն երկիրը պիտի չանիծեմ, քանզի մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է, ո՛չ ալ նորէն պիտի ջարդեմ ամէն կենդանի մարմին, ինչպէս ըրի։ Որչափ որ երկիրը կը մնայ, սերմ ու հունձք, ցուրտ ու տաքութիւն, ամառ ու ձմեռ եւ ցորեկ ու գիշեր պիտի չդադարին»։ Եւ Աստուած օրհնեց Նոյը ու անոր որդիները եւ ըսաւ անոնց. «Աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք ու երկիրը լեցուցէ՛ք Եւ ձեր վախը ու երկիւղը երկրի բոլոր գազաններուն վրայ ու երկնքի բոլոր թռչուններուն վրայ թող ըլլայ։ Անոնք երկրի բոլոր շարժողներուն հետ ու ծովու բոլոր ձուկերուն հետ ձեր ձեռքը տրուած են։ Ամէն շարժուն կենդանի թող ձեզի կերակուր ըլլայ։ Ամէնը ձեզի բանջարի պէս տուի։ Բայց միսը ողջութիւնովը, այսինքն անոր արիւնովը մի՛ ուտէք։ Եւ անշուշտ ձեր կեանքի արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ. ամէն գազանի ձեռքէն ու ամէն մարդու ձեռքէն պիտի պահանջեմ զայն։ Մարդուն կեանքը եղբօրը ձեռքէն պիտի պահանջեմ։ Ով որ մարդու արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի. քանզի Աստուած իր պատկերին պէս ստեղծեց մարդը։ Դուք աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք, երկրի վրայ բազմացէ՛ք ու անոր մէջ շատցէ՛ք»։ Եւ Աստուած խօսեցաւ Նոյին ու անոր որդիներուն հետ՝ ըսելով. «Ես ահա ձեզի հետ ու ձեզմէ ետքը ձեր սերունդին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ Եւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիի հետ, թէ՛ թռչունի, թէ՛ անասունի եւ թէ՛ ձեզի հետ եղող երկրի ամէն գազանի հետ, տապանէն ելածներէն ամենուն հետ ու երկրի բոլոր անասուններուն հետ։ Ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ անգամ մըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղի ջուրերէն չկորսուի, ո՛չ ալ նորէն ջրհեղեղ պիտի ըլլայ երկիրը աւերելու համար»։ Եւ Աստուած ըսաւ. «Իմ ու ձեր մէջտեղ եւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիի մէջտեղ յաւիտենական դարերու համար ըրած ուխտիս իբր նշան՝ Իմ աղեղս ամպին մէջ պիտի դնեմ։ Այն պիտի ըլլայ իմ ու երկրի մէջտեղ եղած ուխտին նշանը։ Երբ երկրի վրայ ամպ բերեմ, աղեղը ամպին մէջ պիտի տեսնուի Եւ իմ ու ձեր մէջտեղ ու ամէն մարմինի, ամէն շնչաւոր կենդանիի մէջտեղ եղած իմ ուխտս պիտի յիշեմ եւ անգամ մըն ալ ամէն մարմին կորսնցնելու համար ջրհեղեղ պիտի չըլլայ։ Աղեղը ամպին մէջ պիտի ըլլայ ու անոր պիտի նայիմ, որպէս զի Աստուծոյ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինի եւ բոլոր կենդանի անասունի մէջտեղ եղած յաւիտենական ուխտը յիշեմ»։ Աստուած Նոյին ըսաւ. «Այս է այն ուխտին նշանը, որ ես հաստատեցի իմ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինի միջեւ»։ Նոյին որդիները, որոնք տապանէն ելան, Սէմ, Քամ ու Յաբեթ էին։ Եւ Քամ Քանանի հայրն էր։ Այս երեքը Նոյի որդիներն էին եւ ասոնցմէ բոլոր երկիրը տարածուեցան։ Նոյ առաջին երկրագործն էր։ Այգի տնկեց։ Գինիէն խմեց ու գինովցաւ եւ իր վրանին մէջ մերկացաւ։ Եւ Քանանի հայրը՝ Քամ՝ իր հօրը մերկութիւնը տեսաւ ու դուրս ելաւ իր երկու եղբայրներուն պատմեց։ Սէմ ու Յաբեթ հանդերձ առին եւ իրենց երկուքին ուսերուն վրայ դրին ու ետ ետ երթալով իրենց հօրը մերկութիւնը ծածկեցին եւ իրենց երեսը ետեւ դարձած ըլլալով՝ իրենց հօրը մերկութիւնը չտեսան։ Նոյ իր գինիէն արթննալով՝ իր պզտիկ որդիին իրեն ըրածը իմացաւ Ու ըսաւ. «Անիծեալ ըլլայ Քանան. իր եղբայրներուն ծառաներուն ծառայ ըլլայ»։ Նաեւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սէմին Տէր Աստուածը եւ Քանան անոր ծառան ըլլայ։ Աստուած թող ընդարձակէ Յաբեթը ու Սէմին վրանները բնակի եւ Քանան անոր ծառան ըլլայ»։ Ու Նոյ ջրհեղեղէն ետքը երեք հարիւր յիսուն տարի ապրեցաւ։ Նոյին բոլոր օրերը ինը հարիւր յիսուն տարի եղան ու մեռաւ։ Եւ Նոյի որդիներուն՝ Սէմին, Քամին ու Յաբեթին ծնունդներն ասոնք են։ Ջրհեղեղէն ետքը անոնց որդիներ ծնան։ Յաբեթին որդիները Գոմերը, Մագոգ, Մադա, Յաւան, Թոբէլ, Մոսոք ու Թիրաս էին։ Գոմերին որդիները Ասքանազ, Րիփաթ ու Թորգոմա էին։ Յաւանին որդիները Եղիսա, Թարսիս, Կիտացիներն ու Դոդացիներն էին։ Ազգերուն կղզիները իրենց երկիրներովը, ամէն մէկը իր լեզուին պէս, ազգերուն մէջ իրենց տոհմերովը ասոնցմէ բաժնուեցան։ Քամին որդիները Քուշ, Մեստրեմ, Փութ ու Քանան էին։ Քուշին որդիները Սաբա, Եւիլա, Սաբաթա, Ռեգմա ու Սեբեթաքա էին։ Ռեգմային որդիները Սաբա ու Դեդան էին։ Քուշ ծնաւ Նեբրովթը։ Ասիկա սկսաւ երկրի վրայ զօրանալ։ Ասիկա Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր։ Անոր համար կ’ըսուի. ‘Տէրոջը առջեւ Նեբրովթի պէս զօրաւոր որսորդ’։ Իր թագաւորութեան սկիզբը Բաբելոն եւ Արեք եւ Աքադ եւ Քաղանէ էր Սենաար երկրին մէջ։ Այն երկրէն Ասորեստան գնաց ու Նինուէն եւ Ռոբովթ քաղաքը ու Քաղան շինեց։ Նինուէի ու Քաղայի մէջտեղ Ռէսէնն ալ շինեց, որ մեծ քաղաք մըն էր։ Եւ Մեստրեմ ծնաւ Ղուդացիները, Անամացիները, Ղաբացիները, Նեփթուքացիները, Պաթուրեսացիները, Քասղուքացիները (ուրկէ Փղշտացիները ելան) ու Կափթորացիներն ալ ։ Քանան ծնաւ իր անդրանիկը՝ Սիդոնը, նաեւ Քետը, Յեբուսացին, Ամօրհացին, Գերգեսացին, Խեւացին, Արուկեցին, Ասենացին, Արուադացին, Սամարացին եւ Ամաթացին ու ետքը Քանանացիներու ցեղերը տարածուեցան։ Եւ Քանանացիներու սահմանը Սիդոնէ Գերարա անցնելով մինչեւ Գազա, Սոդոմ ու Գոմոր եւ Ադմա ու Սեբոյիմ, մինչեւ Ղասա է։ Քամին որդիները, իրենց տոհմերովը, իրենց լեզուներովը, իրենց երկիրներուն ու ազգերուն մէջ ասոնք են։ Յաբեթին մեծ եղբօրը՝ Սէմին ալ, որ Եբերի բոլոր որդիներուն հայրն էր, որդիներ ծնան։ Սէմին որդիները Եղամ, Ասուր, Արփաքսադ, Ղուդ ու Արամ էին։ Արամին որդիները Հուս, Հուլ, Գաթեր ու Մաշ էին։ Արփաքսադ ծնաւ Սաղան եւ Սաղա ծնաւ Եբերը։ Եբերին երկու որդիներ ծնան. մէկուն անունը Փաղէկ էր. քանզի երկիրը անոր օրերը բաժնուեցաւ եւ անոր եղբօրը անունը Յեկտան էր։ Յեկտան ծնաւ Եղմովդադը, Սաղափը, Ասարմօթը, Յարաքը, Ադորամը, Ուզալը, Դեկղան, Գեբաղը, Աբիմեէլը, Սափան, Ոփիրը, Եւիլան ու Յոբաբը։ Ասոնք բոլորը Յեկտանին որդիներն էին։ Ասոնք բնակեցան Մեսայէն մինչեւ Սոփեր՝ արեւելեան լեռները։ Սէմին որդիները, իրենց տոհմերովը, իրենց լեզուներովը, իրենց երկիրներուն մէջ իրենց ազգերովը ասոնք են։ Նոյին որդիներուն տոհմերը, իրենց ծնունդներուն ու ազգերուն համեմատ, ասոնք են։ Ջրհեղեղէն ետքը ազգերը ասոնցմէ տարածուեցան երկրի վրայ։ Եւ բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր։ Երբ արեւելքէն կը չուէին, Սենաար երկրին մէջ դաշտ մը գտան ու հոն բնակեցան։ Եւ իրարու ըսին. «Եկէք աղիւսներ շինենք ու զանոնք կրակով թրծենք»։ Աղիւսները անոնց քարի տեղ ու ձիւթը անոնց ցեխի տեղ եղան։ Այն ատեն ըսին. «Եկէք մեզի քաղաք մը ու աշտարակ մը շինենք, որուն գլուխը մինչեւ երկինք հասնի եւ մեզի անուն շինենք, որ չըլլայ թէ բոլոր երկրի վրայ ցրուինք»։ Տէրը մարդոց որդիներուն շինած քաղաքն ու աշտարակը տեսնելու իջաւ։ Տէրը ըսաւ. «Ահա ասոնք մէկ ժողովուրդ են ու ամենուն լեզուն մէկ է եւ ասիկա շինելու սկսան ու հիմա ինչ որ շինել կը խորհին, բան մը չկայ որ արգիլէ։ Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնակենք, որպէս զի ոեւէ մէկը իր ընկերին լեզուն չհասկնայ»։ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք ու քաղաքը շինելէ դադարեցան։ Անոր համար անոր անունը Բաբելոն կոչուեցաւ, քանզի Տէրը հոն բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց եւ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք։ Սէմին ծնունդները ասոնք են. Սէմ հարիւր տարեկան էր, երբ ծնաւ Արփաքսադը ջրհեղեղէն երկու տարի ետքը։ Սէմ Արփաքսադը ծնանելէն ետքը հինգ հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Արփաքսադ երեսունըհինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Սաղան։ Արփաքսադ Սաղան ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեք տարի ապրեցաւ, տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Սաղա երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Եբերը։ Սաղա Եբերը ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեք տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Եբեր երեսունըչորս տարի ապրեցաւ եւ ծնաւ Փաղէկը։ Եբեր Փաղէկը ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Փաղէկ երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ռագաւը։ Փաղէկ Ռագաւը ծնանելէն ետքը հարիւր ինը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ունեցաւ։ Ռագաւ երեսունըերկու տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Սերուգը։ Ռագաւ Սերուգը ծնանելէն ետքը երկու հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Սերուգ երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Նաքովրը։ Սերուգ Նաքովրը ծնանելէն ետքը երկու հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Նաքովր քսանըինը տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Թարան։ Նաքովր Թարան ծնանելէն ետքը հարիւր տասնըինը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Թարա եօթանասուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը եւ Առանը։ Թարային ծնունդները ասոնք են։ Թարա ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը ու Առանը. Առան ծնաւ Ղովտը։ Առան մեռաւ իր հօրը Թարային առջեւ, իր ծննդեան երկրին՝ Քաղդէացիներու Ուր քաղաք ին մէջ։ Աբրամ ու Նաքովր իրենց կիները առին։ Աբրամին կնոջ անունը Սարա էր, իսկ Նաքովրին կնոջ անունը՝ Մեղքա, աղջիկը Առանի, որ Մեղքայի ու Յեսքայի հայրն էր։ Սարա ամուլ էր ու չէր ծնաներ։ Թարան իր որդին Աբրամը ու իր թոռը Առանի որդին Ղովտը եւ իր որդիին Աբրամին կինը, իր հարսը Սարան առաւ ու անոնց հետ Քաղդէացիներու Ուր քաղաք էն ելաւ դէպի Քանանի երկիրը երթալու համար։ Գացին մինչեւ Խառան եւ հոն բնակեցան։ Թարային օրերը երկու հարիւր հինգ տարի եղան։ Թարա Խառանի մէջ մեռաւ։ Տէրը ըսաւ Աբրամին. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ։ Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին»։ Աբրամ գնաց ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր։ Ղովտն ալ անոր հետ գնաց։ Աբրամ եօթանասունըհինգ տարեկան էր երբ Խառանէն ելաւ։ Եւ Աբրամ իր կինը Սարան ու իր եղբօրորդին Ղովտը եւ իրենց բոլոր ստացուածքը եւ Խառանի մէջ իրենց ստացած ծառաները առնելով՝ ելան որ Քանանի երկիրը երթան։ Քանանի երկիրը հասան։ Աբրամ այն երկրէն մինչեւ Սիւքէմի տեղը, մինչեւ Մօրէի կաղնին անցաւ։ Այն ատեն Քանանացիներ կային այն երկրին մէջ։ Տէրը երեւցաւ Աբրամին ու ըսաւ. «Քու սերունդիդ պիտի տամ այս երկիրը»։ Աբրամ հոն սեղան շինեց Տէրոջը, որ իրեն երեւցաւ։ Անկէ դէպի Բեթէլի արեւելեան կողմը եղող լեռը չուեց ու իր վրանը բացաւ, Բեթէլը արեւմտեան կողմը ու Գային արեւելեան կողմը ունենալով եւ հոն Տէրոջը սեղան շինեց ու Տէրոջը անունը կանչեց։ Աբրամ միշտ դէպի հարաւ կը չուէր։ Այն երկրին մէջ սով եղաւ եւ Աբրամ Եգիպտոս իջաւ հոն պանդխտանալու համար. վասն զի այն երկրին մէջ սովը սաստիկ էր։ Երբ Եգիպտոս մտնելու մօտեցաւ, իր կնոջ Սարային ըսաւ. «Ահա գիտեմ որ դուն գեղեցիկ տեսքով կին մըն ես Եւ թերեւս, երբ Եգիպտացիները քեզ տեսնեն, ըսեն. ‘Ասիկա անոր կինն է’ ու զիս մեռցնեն, բայց քեզ ողջ թողուն։ Շնորհք ըրէ՛, ըսէ՛ թէ դուն իմ քոյրս ես. որ քու պատճառովդ ինծի աղէկ ըլլայ ու քու պատճառովդ իմ անձս ապրի։ Եւ երբ Աբրամ Եգիպտոս մտաւ, Եգիպտացիները տեսան կինը, որ շատ գեղեցիկ էր։ Փարաւոնին իշխաններն ալ տեսան ու գովեցին զանիկա Փարաւոնին առջեւ եւ կինը Փարաւոնին տունը տարուեցաւ։ Եւ անոր համար Աբրամին հետ լաւ վարուեցան ու Աբրամ ոչխարներ ու արջառներ եւ էշեր ու ծառաներ եւ աղախիններ ու էգ էշեր եւ ուղտեր ստացաւ։ Բայց Տէրը մեծ հարուածներով զարկաւ Փարաւոնը ու անոր տունը՝ Աբրամի կնոջ Սարային համար։ Փարաւոն կանչեց Աբրամը ու ըսաւ. «Այս ի՞նչ է, որ ինծի ըրիր. ինչո՞ւ ինծի չյայտնեցիր թէ ասիկա քու կինդ է. Ինչո՞ւ համար ‘Ասիկա քոյրս է’, ըսիր եւ քիչ մնաց որ զանիկա ինծի կին պիտի առնէի. բայց հիմա ահա կինդ. ա՛ռ ու գնա՛»։ Եւ Փարաւոն իր մարդոցը պատուիրեց, որ զանիկա իր կնոջ ու իր բոլոր ստացուածքով ապահով ղրկեն։ Եւ Աբրամ իր կնոջ հետ ու իր բոլոր ունեցածներով Եգիպտոսէն դէպի Քանանի հարաւակողմը գնաց ու Ղովտ ալ իրեն հետ։ Աբրամ շատ հարուստ էր անասուններով, արծաթով ու ոսկիով։ Եւ իր առաջին իջեւանած տեղէն գնաց հարաւային կողմը, մինչեւ Բեթէլ, այն տեղը ուր էր առաջ իր վրանը, Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ, Այն սեղանին տեղը, որ առաջ շիներ էր։ Աբրամ Տէրոջը անունը կանչեց։ Եւ Աբրամին հետ գացող Ղովտն ալ ոչխարներ ու արջառներ ու վրաններ ունէր։ Այն երկիրը բաւական չէր անոնց, որ մէկտեղ բնակին. քանզի անոնց ստացուածքը շատ ըլլալով՝ չէին կրնար մէկտեղ բնակիլ։ Աբրամին անասուններուն հովիւներուն ու Ղովտի անասուններուն հովիւներուն միջեւ վէճ կ’ըլլար։ Նոյն ատեն Քանանացիներ ու Փերեզացիներ ալ կը բնակէին այդ երկրին մէջ։ Աբրամ ըսաւ Ղովտին. «Կ’աղաչեմ քեզի, իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հովիւներուս ու քու հովիւներուդ մէջտեղ վէճ թող չըլլայ, վասն զի մենք եղբայր ենք։ Բոլոր երկիրը քու առջեւդ չէ՞. կ’աղաչեմ, զատուէ ինծմէ. եթէ դուն ձախ կողմը երթաս, ես աջ կողմը կ’երթամ եւ եթէ աջ կողմը երթաս, ես ձախ կողմը կ’երթամ»։ Ղովտ աչքերը վեր վերցուց ու Յորդանանի ամէն կողմը նայեցաւ եւ տեսաւ որ ամէն տեղ ջրարբի էր, Տէրը Սոդոմը ու Գոմորը կորսնցնելէն առաջ մինչեւ Սեգովր Տէրոջը դրախտին կամ Եգիպտոսի երկրին պէս էր։ Եւ Ղովտ իրեն համար Յորդանանի հովիտը ընտրեց ու դէպի արեւելք չուեց եւ իրարմէ զատուեցան։ Աբրամ Քանանի երկրին մէջ բնակեցաւ, Ղովտն ալ դաշտի քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ ու իր վրանը Սոդոմի քով բացաւ։ Եւ Սոդոմի մարդիկը խիստ չար ու մեղաւոր էին Տէրոջը առջեւ։ Եւ Տէրը Աբրամին ըսաւ՝ Ղովտին զատուելէն ետքը. «Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու քու եղած տեղէդ դէպի հիւսիս ու հարաւ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք դիտէ. Վասն զի այդ բոլոր երկիրը, որ կը տեսնես, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ յաւիտեան։ Եւ քու սերունդդ երկրի փոշիին պէս անթիւ պիտի ընեմ, այնպէս որ եթէ մէկը երկրի փոշին կարենայ համրել, քու սերունդդ ալ համրէ։ Ելի՛ր, այդ երկիրը պտըտէ անոր երկայնութեանը ու լայնութեանը համեմատ, քանզի զանիկա քեզի պիտի տամ»։ Եւ Աբրամ վերցուց իր վրանը ու գնաց բնակեցաւ Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, որ Քեբրոնի մէջ է եւ հոն սեղան շինեց Տէրոջը։ Չորս թագաւորներ՝ Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին, Ելլասարի Արիովք թագաւորին, Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին եւ Գոյիմի Թադգաղ թագաւորին ժամանակները, Սոդոմի Բարա թագաւորին եւ Գոմորի Բարսա թագաւորին ու Ադամայի Սենաբ թագաւորին եւ Սեբոյիմի Սիմոբոր թագաւորին ու Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորին հետ պատերազմեցան։ Ասոնք ամէնքը հաւաքուեցան Սիդդէմ ձորին մէջ, որ է Աղի ծովը։ Տասներկու տարի Քոդողագոմորի ծառայութիւն ըրին ու տասներեքերորդ տարին ապստամբեցան։ Եւ տասնըչորրորդ տարին Քոդողագոմոր ու իրեն հետ եղող թագաւորները եկան ու Աստարովթ Կառնայիմի մէջ եղող Ռափայինները ու Համի մէջ եղող Զուզեցիները եւ Շաւէ Կարիաթեմի մէջ Էմիմները Եւ Քոռեցիները իրենց Սէիր լերանը վրայ՝ մինչեւ անապատին քով եղող Էլփառանը զարկին։ Ապա դարձան եկան Ենմասեփաթ, այսինքն՝ Կադէս եւ Ամաղեկացիներուն բոլոր նահանգը ու Ասասանթամարի մէջ բնակող Ամօրհացիներն ալ զարկին։ Եւ Սոդոմի թագաւորը ու Գոմորի թագաւորը եւ Ադմայի թագաւորը ու Սեբոյիմի թագաւորը եւ Բաղայի (այսինքն Սեգովրի) թագաւորը ելլելով Սիդդիմ ձորին մէջ անոնց հետ պատերազմելու շարուեցան, Այսինքն Եղամի Քոդողագոմոր թագաւորին ու Գայիմի Թադգաղ թագաւորին ու Սենաարի Ամարփաղ թագաւորին եւ Ելլասարի Արիովք թագաւորին հետ, այս չորս թագաւորը այն հինգին հետ։ Եւ Սիդդիմ ձորը նաւթի հորերով լեցուն էր։ Սոդոմի ու Գոմորի թագաւորները փախան եւ հոն ինկան ու մնացածները լեռը փախան։ Եւ անոնք Սոդոմի ու Գոմորի բոլոր ունեցածնին ու անոնց բոլոր պաշարները առին ու գացին։ Սոդոմի մէջ բնակող Աբրամի եղբօրորդին Ղովտը ու անոր բոլոր ստացուածքն ալ առին ու գացին։ Փախստական մը եկաւ ու այս բաները Եբրայեցի Աբրամին պատմեց։ Աբրամ Եսքողի ու Աների եղբօրը Ամօրհացի Մամբրէի կաղնիներուն մէջ կը բնակէր. վասն զի ասոնք Աբրամին հետ դաշնակից էին։ Աբրամ երբ իր եղբօր գերի առնուիլը լսեց, իր տանը մէջ ծնած երեք հարիւր տասնըութը կրթուած ծառաները հանեց ու անոնց ետեւէն ինկաւ մինչեւ Դան։ Ինքն ու իր ծառաները գիշերով գունդ գունդ անոնց վրայ յարձակեցան ու զարկին զանոնք եւ քշեցին զանոնք մինչեւ Քոբա, որ Դամասկոսի հիւսիսային կողմն է։ Եւ բոլոր ստացուածքը ետ բերաւ եւ իր եղբայրը Ղովտն ալ ու անոր ունեցածները եւ կիները ու ժողովուրդն ալ ետ բերաւ։ Աբրամ Քոդողագոմորը ու անոր հետ եղող թագաւորները զարնելէն ու դառնալէն ետքը, Սոդոմի թագաւորը զանիկա դիմաւորելու ելաւ դէպի Շաւէ ձորը (այսինքն՝ Թագաւորի ձորը)։ Եւ Սաղէմի թագաւորը՝ Մելքիսեդեկ՝ հաց ու գինի հանեց ու անիկա Բարձրեալ Աստուծոյ քահանան էր։ Եւ օրհնեց Աբրամը ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Աբրամ, երկնքի ու երկրի Տէրը եղող Բարձրեալ Աստուծմէն։ Օրհնեալ ըլլայ Բարձրեալ Աստուածը, որ քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնեց»։ Աբրամ ամենէն տասանորդ տուաւ անոր։ Սոդոմի թագաւորը ըսաւ Աբրամին. «Մարդիկը ինծի տուր, բայց ստացուածքը դուն քեզի առ»։ Եւ Աբրամ ըսաւ Սոդոմի թագաւորին. «Երկնքի ու երկրի տէրը եղող Բարձրեալ Տէր Աստուծոյ վերցուցի իմ ձեռքս, Որ դերձանէն մինչեւ կօշիկի կապը բան մը չառնեմ քու ունեցածներէդ, որ չըլլայ թէ Աբրամը ես հարստացուցի ըսես, Բացի տղաքներուն կերածէն ու ինծի հետ եկող մարդոցը, այսինքն Աների ու Եսքողի ու Մամբրէի բաժիններէն. թող անոնք իրենց բաժինը առնեն»։ Այս բաներէն ետքը տեսիլքի մէջ Տէրոջը խօսքը Աբրամին եղաւ՝ ըսելով. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Աբրամ, ես քեզի վահան եմ ու քու վարձքդ խիստ շատ պիտի ըլլայ»։ Աբրամ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ի՞նչ պիտի տաս, քանի որ առանց զաւակի կը մնամ եւ իմ տանս տիրողը այս Դամասկոսցի Եղիազարն է»։ Նաեւ ըսաւ Աբրամ. «Որովհետեւ ինծի սերունդ չտուիր, ահա իմ տանս ծառան ինծի ժառանգորդ պիտի ըլլայ»։ Ահա Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ ՝ ըսելով. «Անիկա քու ժառանգորդդ պիտի չըլլայ. բայց ա՛ն պիտի ըլլայ քու ժառանգորդդ՝ որ քու մէջքէդ պիտի ելլէ»։ Եւ դուրս հանեց զանիկա ու ըսաւ. «Հիմա դէպի երկինք նայէ ու աստղերը համրէ, եթէ զանոնք համրել կրնաս»։ Եւ ըսաւ անոր. «Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ»։ Աբրամ հաւատաց Տէրոջը, որը Աբրամին արդարութիւն սեպուեցաւ։ Տէրը ըսաւ անոր. «Ես եմ Տէրը, որ քեզ Քաղդէացիներու Ուր քաղաք էն հանեցի՝ այս երկիրը բերի զայն քեզի իբր ժառանգութիւն տալու համար»։ Ան ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ի՞նչպէս գիտնամ թէ ես զանիկա պիտի ժառանգեմ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Ինծի երեք տարեկան երինջ մը ու երեք տարեկան այծ մը եւ երեք տարեկան խոյ մը ու տատրակ մը եւ աղաւնիի ձագ մը բեր»։ Աբրամ բոլոր ասոնք բերաւ ու զանոնք մէջտեղէն կտրեց եւ ամէն մէկ կտորը իր մասին հետ դէմ դիմաց դրաւ, բայց թռչունները չկտրեց։ Եւ երբ դիակներուն վրայ գիշատիչ թռչուններն իջան, Աբրամ վռնտեց զանոնք։ Ու երբ արեւը մարը կը մտնէր, Աբրամին վրայ խորունկ քուն մը իջաւ եւ ահա անոր վրայ մեծ մթութեան սոսկում մը ինկաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ Աբրամին. «Ստոյգ գիտցիր որ քու սերունդդ իրենցը չեղած երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլան եւ ծառայութիւն պիտի ընեն ու հոն չորս հարիւր տարի պիտի չարչարուին։ Բայց այն ազգը որուն պիտի ծառայեն, ես պիտի դատեմ եւ անկէ ետքը շատ ստացուածքով պիտի ելլեն։ Եւ դուն խաղաղութեամբ քու հայրերուդ պիտի երթաս, աղէկ մը ծերացած պիտի թաղուիս։ Եւ անոնք չորրորդ դարուն մէջ հոս պիտի դառնան. վասն զի Ամօրհացիներուն անօրէնութիւնը դեռ լեցուած չէ»։ Երբ արեւը մարը մտաւ ու խաւար եղաւ, ահա մխացող հնոց մը ու վառուած ջահ մը այն կտորներուն մէջտեղէն անցան։ Այն նոյն օրը Տէրը Աբրամին հետ ուխտ մը ըրաւ՝ ըսելով. «Քու սերունդիդ տուի այս երկիրը Եգիպտոսի գետէն մինչեւ մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը՝ Կենեցիները եւ Կենեզացիները ու Կեդմոնացիները Եւ Քետացիները ու Փերեզացիները Եւ Ռափայինները եւ Ամօրհացիները ու Քանանացիները եւ Գերգեսացիները ու Յեբուսացիները։ Աբրամին կինը Սարա չէր ծնաներ անոր ու Եգիպտացի աղախին մը ունէր, որուն անունը Հագար էր։ Սարա ըսաւ Աբրամին. «Ահա հիմա Տէրը արգիլեց զիս ծնանելէ. ուրեմն աղախինիս մտիր, գուցէ անկէ զաւակ ստանամ»։ Աբրամ Սարային խօսքը մտիկ ըրաւ։ Աբրամին կինը Սարա իր Եգիպտացի աղախինը՝ Հագարը առաւ, Աբրամի Քանանի երկրին մէջ տասը տարի բնակելէն ետքը եւ զանիկա իր էրկանը Աբրամին տուաւ՝ անոր կին ըլլալու։ Ան ալ մտաւ Հագարին, որը յղացաւ բայց երբ իր յղի ըլլալը իմացաւ, իր տիկինը անարգեց։ Սարա ըսաւ Աբրամին. «Ինծի եղած անիրաւութիւնը քու վրադ ըլլայ. ես իմ աղախինս գիրկդ տուի ու երբ անիկա իմացաւ իր յղի ըլլալը, զիս անարգեց. Տէրը իմ ու քու մէջտեղ դատաստան թող ընէ»։ Աբրամ ըսաւ Սարային. «Ահա աղախինդ քու ձեռքդ է, քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածին պէս ըրէ անոր»։ Երբ Սարա նեղեց զանիկա, Հագար անոր երեսէն փախաւ։ Եւ Տէրոջը հրեշտակը գտաւ զանիկա անապատին մէջ ջուրի աղբիւրի մը քով Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Սարային աղախինը Հագար, ուրկէ՞ կու գաս եւ ո՞ւր կ’երթաս»։ Անիկա ըսաւ. «Իմ տիկնոջս Սարային երեսէն կը փախչիմ»։ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Դարձիր քու տիկնոջդ ու անոր ձեռքին տակ հնազանդ եղիր»։ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Քու սերունդդ խիստ պիտի շատցնեմ, այնպէս որ շատութենէն պիտի չհամրուի»։ Եւ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Ահա դուն յղի ես, ու որդի պիտի ծնանիս, անոր անունը Իսմայէլ դիր. քանզի Տէրը քու տառապանքդ տեսաւ։ Անիկա վայրենի մարդ մը պիտի ըլլայ։ Անոր ձեռքը ամենուն վրայ ու ամենուն ձեռքն ալ իր վրայ պիտի ըլլայ։ Անիկա իր բոլոր եղբայրներուն առջեւ պիտի բնակի»։ Եւ Հագար իրեն հետ խօսող Տէրոջը անունը կանչեց՝ ըսելով. «Դուն իմ տեսիլքիս մէջ երեւցած Աստուածն ես», քանզի ըսաւ. «Արդեօք ո՞ղջ եմ՝ ՝ հոս՝ իմ տեսիլքէս ետքը»։ Անոր համար այն ջրհորին անունը Լահայրոյի ջրհոր՝ ՝ դրաւ։ Ահա անիկա Կադէսի ու Բարադի մէջտեղն է։ Եւ Հագար որդի մը ծնաւ Աբրամին։ Աբրամ Հագարի իրեն ծնած որդիին անունը Իսմայէլ դրաւ։ Եւ Աբրամ ութսունըվեց տարեկան էր, եր Հագար Իսմայէլը ծնաւ Աբրամին։ Երբ Աբրամ իննիսունըինը տարեկան էր, Տէրը Աբրամին երեւցաւ ու ըսաւ անոր. «Ես եմ ամենակարող Աստուածը. իմ առջեւս քալէ՛ ու կատարեալ եղի՛ր։ Եւ իմ ու քու մէջտեղ ուխտ պիտի ընեմ ու խիստ պիտի շատցնեմ քեզ»։ Աբրամ իր երեսին վրայ ինկաւ ու Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. Ահա իմ ուխտս քեզի հետ է։ Ազգերու բազմութեան հայր պիտի ըլլաս Ու այսուհետեւ քու անունդ Աբրամ չըսուի, հապա քու անունդ Աբրահամ թող ըլլայ. վասն զի քեզ ազգերու բազմութեան հայր ըրի։ Քեզ խիստ պիտի աճեցնեմ ու քեզ ազգեր պիտի ընեմ ու քեզմէ թագաւորներ պիտի ելլեն։ Իմ ու քու մէջտեղ ու քու սերունդիդ մէջտեղ եւ իրենց ազգերուն մէջտեղ ուխտս պիտի հաստատեմ։ Յաւիտենական ուխտ մը, որ քեզի ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ Աստուած պիտի ըլլամ։ Եւ պիտի տամ քեզի ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ իբր յաւիտենական ժառանգութիւն այն երկիրը, ուր պանդուխտ եղար՝ բոլոր Քանանի երկիրը ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ»։ Եւ Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Ուստի դուն ու քեզմէ ետքը քու սերունդդ իրենց ազգերուն մէջ՝ պահեցէք իմ ուխտս։ Այս է իմ ու ձեր մէջտեղ եւ քեզմէ ետքը քու սերունդիդ մէջտեղ եղած իմ ուխտս՝ որ պիտի պահէք. Ձեզմէ ամէն արուն պէտք է թլփատուի. Ձեր անթլփատութեան մարմինը թլփատէք ու ասիկա իմ ու ձեր մէջտեղ եղած ուխտին նշանը թող ըլլայ։ Ձեր ազգերուն մէջ ամէն ութ օրուան արու զաւակ, կամ տունը ծնածը, կամ քու սերունդէդ չեղող բոլոր օտարականներէն ստակով ծախու առնուածը՝ պէտք է թլփատուի։ Քու տունդ ծնածը եւ ստակովդ ծախու առնուածը անշուշտ պիտի թլփատուի եւ իմ ուխտս ձեր մարմինին մէջ յաւիտենական ուխտ մը ըլլայ։ Եւ անթլփատ արուն՝ որուն անթլփատութեան մարմինը թլփատուած չէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի. անիկա իմ ուխտս անարգած կ’ըլլայ»։ Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Քու կնոջդ Սարային անունը՝ Սարա մի՛ կանչեր, հապա անոր անունը Սառա թող ըլլայ։ Զանիկա պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի ու պիտի օրհնեմ զանիկա ու ազգերու մայր պիտի ըլլայ եւ ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ»։ Աբրահամ երեսի վրայ ինկաւ ու խնդաց եւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Հարիւր տարեկան մարդուն զաւակ պիտի ըլլա՞յ արդեօք եւ Սառա, որ իննիսուն տարեկան է, պիտի ծնանի՞»։ Եւ Աբրահամ ըսաւ Աստուծոյ. «Թող Իսմայէլ ապրի քու առջեւդ»։ Եւ Աստուած ըսաւ. «Այո՛, քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ծնանի քեզի ու անոր անունը Իսահակ պիտի դնես։ Անոր հետ ու անկէ ետքը անոր սերունդին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, յաւիտենական ուխտ մը։ Եւ Իսմայէլի համար ալ լսեցի քեզի։ Ահա օրհնեցի զանիկա ու պիտի աճեցնեմ զանիկա ու խիստ պիտի շատցնեմ։ Անիկա տասներկու իշխան պիտի ծնանի եւ մեծ ազգ մը պիտի ընեմ զանիկա։ Բայց գալ տարի այս ատեն Սառայի քեզի ծնանելու Իսահակին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ»։ Տէրը անոր հետ խօսիլը լմնցուց ու Աստուած Աբրահամին քովէն վեր ելաւ։ Աբրահամ առաւ իր որդին Իսմայէլը եւ բոլոր իր տունը ծնածները եւ բոլոր ստակով ծախու առնուածները, իր ընտանիքին մէջ գտնուած ամէն արու ու նոյն օրը անոնց անթլփատութեան մարմինը թլփատեց, ինչպէս Աստուած անոր ըսեր էր։ Աբրահամ իննիսունըինը տարեկան էր երբ իր անթլփատութեան մարմինը թլփատուեցաւ։ Եւ իր որդին Իսմայէլ տասներեք տարեկան էր, երբ իր անթլփատութեան մարմինը թլփատուեցաւ։ Նոյն օրը թլփատուեցան Աբրահամ ու իր որդին Իսմայէլ։ Եւ իր տանը բոլոր մարդիկը, թէ՛ իր տունը ծնած եւ թէ օտարականներէն ստակով առնուած, իրեն հետ թլփատուեցան։ Տէրը երեւցաւ Աբրահամին Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, երբ անիկա օրուան տաք ատենը վրանին դուռը նստեր էր Եւ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, ահա երեք մարդիկ կայներ էին իրեն մօտ ու երբ տեսաւ զանոնք, վրանին դռնէն վազեց զանոնք դիմաւորելու ու մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրաւ Եւ ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, հիմա եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, կ’աղաչեմ քեզի, քու ծառայիդ բնակարանէն մի՛ անցնիր. Կ’աղաչեմ ձեզի, քիչ մը ջուր բերուի ու ոտքերնիդ լուացէք ու ծառին տակ հանգստացէ՛ք. Եւ պատառ մը հաց բերեմ ու սրտերնիդ զօրացուցէք, ետքը անցէք. քանզի ասոր համար ձեր ծառային քով եկաք»։ Անոնք ըսին. «Ինչպէս ըսիր, այնպէս ըրէ»։ Աբրահամ արտորալով դէպի վրանը Սառայի գնաց ու ըսաւ. «Շուտով երեք գրիւ բարակ ալիւր շաղէ ու շօթեր շինէ»։ Եւ Աբրահամ վազեց արջառներուն ու մատղաշ ու աղէկ հորթ մը առաւ ու պատանիի մը տուաւ. ան ալ շուտով պատրաստեց զանիկա։ Եւ կոգի ու կաթ ու իր պատրաստած հորթը առաւ եւ անոնց առջեւ դրաւ ու ինք ծառին տակ անոնց քով կայնեցաւ։ Անոնք կերան Եւ ըսին իրեն. «Ո՞ւր է քու Սառա կինդ» ու ինք ըսաւ. «Ահա վրանին մէջ է»։ Տէրը ըսաւ. « Գալ տարի՝ ՝ անշուշտ քեզի պիտի դառնամ եւ ահա քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ունենայ»։ Սառա մտիկ կ’ընէր վրանին դրանը մէջ՝ որ անոր ետեւն էր. Աբրահամ ու Սառա ծերացած էին ու օրերնին անցուցած եւ Սառայէն պակսած էր կանանց օրէնքին մէջ ըլլալը։ Սառա իր մտքին մէջ խնդաց՝ ըսելով. «Ես պառաւնալէս ետքը զուարճութի՞ւն պիտի ունենամ, արդէն տէրս ալ ծերացած է»։ Եւ Տէրը ըսաւ Աբրահամին. «Սառան ինչո՞ւ խնդաց՝ ըսելով. ‘Միթէ ես իրաւցընէ՞ պիտի ծնանիմ, որ պառաւցեր եմ’։ Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք։ Սահմանուած ժամանակին, գալ տարի, քեզի պիտի դառնամ ու Սառան որդի մը պիտի ունենայ»։ Բայց Սառա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չխնդացի». քանզի վախցաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ո՛չ, խնդացիր»։ Մարդիկը ելան անկէ ու երեսնին դէպի Սոդոմ շտկեցին։ Աբրահամ զանոնք ճամբեցնելու համար անոնց հետ գնաց։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Միթէ Աբրահամէն պիտի պահե՞մ ինչ որ պիտի ընեմ. Որովհետեւ Աբրահամ անշուշտ մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ըլլայ ու երկրի բոլոր ազգերը անով պիտի օրհնուին։ Քանզի գիտեմ զանիկա, որ իր որդիներուն ու իրմէ ետքը իր տանը պիտի պատուիրէ եւ անոնք արդարութիւն ու իրաւունք ընելու համար՝ Տէրոջը ճամբան պիտի պահեն. որպէս զի Տէրը Աբրահամին վրայ բերէ, ինչ որ խօսեցաւ»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Որովհետեւ Սոդոմի ու Գոմորի աղաղակը շատցաւ եւ անոնց մեղքը խիստ ծանրացաւ, Հիմա պիտի իջնեմ տեսնելու՝ թէ բոլորովին ինծի եկած աղաղակին պէս ըրի՞ն եւ եթէ ոչ՝ գիտնամ»։ Այն մարդիկը անկէ ելան ու դէպի Սոդոմ գացին։ Աբրահամ տակաւին Տէրոջը առջեւ կայներ էր։ Եւ Աբրահամ մօտեցաւ ու ըսաւ. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես. Թերեւս այն քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան. արդեօք անոր մէջ եղած յիսուն արդարին համար չխնայելով պիտի կորսնցնե՞ս այն տեղը։ Քա՛ւ լիցի որ այսպիսի բան մը կատարես, որ արդարը ամբարշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարշտի պէս ըլլայ։ Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Եթէ Սոդոմի մէջ յիսուն արդար գտնեմ, անոնց համար բոլորին պիտի խնայեմ»։ Աբրահամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա հիմա, ես որ հող ու մոխիր եմ, Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ. Թերեւս յիսուն արդարէն հինգ պակաս ըլլայ, այն հինգին համար բոլոր քաղաքը պիտի կորսնցնե՞ս»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ հոն քառասունըհինգ տեսնեմ, չեմ կորսնցներ»։ Դարձեալ խօսեցաւ Աբրահամ ու ըսաւ. «Թերեւս հոն քառասուն գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Քառասունին համար ալ պիտի չընեմ»։ Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու խօսիմ. Թերեւս հոն երեսուն գտնուի»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ հոն երեսուն գտնուի, պիտի չընեմ»։ Եւ ինք ըսաւ. «Ահա իմ Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ. Թերեւս հոն քսան գտնուի»։ Անիկա ըսաւ. «Քսանին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։ Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ. Թերեւս հոն տասը գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Տասին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։ Եւ Տէրը Աբրահամին հետ խօսիլը լմնցուցածին պէս՝ գնաց։ Աբրահամ ալ իր տեղը դարձաւ։ Այն երկու հրեշտակները իրիկուան դէմ Սոդոմ գացին։ Ղովտ Սոդոմի դուռը նստեր էր։ Ղովտ տեսնելով՝ զանոնք դիմաւորելու ելաւ ու իր երեսը մինչեւ գետին ծռելով խոնարհութիւն ըրաւ Ու ըսաւ. «Աղէ՜, իմ տէրերս, կ’աղաչեմ, ձեր ծառային տունը մտէք եւ գիշերը հոն կեցէք ու ոտքերնիդ լուացէք ու առտուն կանուխ ելէք ու ձեր ճամբան գացէք»։ Անոնք ըսին. «Ո՛չ, գիշերը փողոցը կը կենանք»։ Ղովտ շատ բռնադատեց զանոնք ու անոր դարձան եւ անոր տունը մտան ու անոնց խնճոյք ըրաւ եւ բաղարջ եփեց ու կերան։ Բայց անոնց պառկելէն առաջ քաղաքին մարդիկը, այսինքն Սոդոմացիները, երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, ամէն կողմէն բոլոր ժողովուրդը տունը շրջապատեցին Եւ Ղովտը կանչեցին ու անոր ըսին. «Ո՞ւր են այն մարդիկը, որոնք այս գիշեր քեզի եկան. զանոնք դուրս հանէ մեզի, որ գիտնանք զանոնք»։ Եւ Ղովտ դռնէն դուրս ելաւ անոնց քով ու իր ետեւէն դուռը գոցեց Եւ ըսաւ. «Եղբայրներս, կ’աղաչեմ ձեզի, չարութիւն մի՛ ընէք։ Ահա հիմա երկու աղջիկ ունիմ, որոնք այր մարդ չեն գիտեր. զանոնք հիմա ձեզի դուրս հանեմ ու ձեր աչքին առջեւ աղէկ եղածը ըրէք անոնց, բայց միայն այս մարդոցը բան մը մի՛ ընէք. քանզի անոնք իմ յարկիս շուքին տակ մտան»։ Անոնք ըսին. «Մէկդի՛ կեցիր » ու ըսին ալ. «Ասիկա պանդխտութեան եկաւ ու դատաստան ընել կ’ուզէ։ Հիմա քեզի անոնցմէ գէշը կ’ընենք»։ Սաստիկ բռնադատեցին մարդը, այսինքն Ղովտը ու դուռը կոտրելու մօտեցան։ Բայց այն մարդիկը ձեռքերնին երկնցուցին ու Ղովտը տանը մէջ քովերնին առին ու դուռը գոցեցին Եւ դուռը կայնած մարդիկը կուրութեամբ զարկին՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ այնպէս որ դուռը փնտռելէն յոգնեցան։ Մարդիկը ըսին Ղովտին. «Հոս ուրիշ ո՞վ ունիս. փեսա ներդ ու որդիներդ եւ աղջիկներդ ու քաղաքին մէջ ո՛վ որ ունիս այս տեղէն հանէ, Վասն զի մենք այս տեղը պիտի կորսնցնենք. քանզի անոնց աղաղակը Տէրոջը առջեւ մեծ եղաւ ու Տէրը մեզ ղրկեց զանիկա կորսնցնելու»։ Ղովտ ելաւ ու իր աղջիկները առնող փեսաներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ելէ՛ք ու այս տեղէն գացէ՛ք, վասն զի Տէրը պիտի կորսնցնէ այս քաղաքը»։ Բայց իր փեսաներուն ծաղրելի մէկը երեւցաւ։ Առտու եղածին պէս՝ հրեշտակները արտորցուցին Ղովտը՝ ըսելով. «Ելի՛ր, կինդ ու հոս գտնուած երկու աղջիկդ առ, որպէս զի անօրէնութեանը մէջ չլորսուիս»։ Երբ անիկա կը տնտնար, այն մարդիկը բռնեցին անոր ձեռքէն ու անոր կնոջ ձեռքէն եւ անոր աղջիկներուն ձեռքէն, Տէրոջը անոր ողորմելովը ու հանեցին զանիկա եւ քաղաքին դուրսի դին դրին։ Ու երբ զանոնք դուրս հանեցին, մէկը ըսաւ. «Անձդ ազատելու համար փախիր. ետիդ մի՛ նայիր եւ բոլոր դաշտին մէջ մի՛ կայնիր. լեռը փախիր, չըլլայ որ կորսուիս»։ Եւ Ղովտ ըսաւ անոնց. «Ո՛չ, Տէր իմ, շնորհք ըրէ. Ահա հիմա ծառադ քու առջեւդ շնորհք գտաւ ու իմ կեանքս ազատելով ինծի մեծ բարիք ըրիր եւ ես չեմ կրնար լեռը փախչիլ, չըլլայ որ չարիք հասնի ինծի ու մեռնիմ։ Ահա այս քաղաքը՝ որ հոն մօտ է ու պզտիկ է. շնորհք ըրէ, հոն փախչիմ, (չէ՞ որ անիկա պզտիկ է,) եւ իմ անձս ողջ մնայ»։ Ան ըսաւ իրեն. «Ահա այդ բանին մէջ ալ քու աղաչանքդ ընդունեցի, որ այդ քաղաքը չկորսնցնեմ՝ որուն համար խօսեցար։ Շո՛ւտ ըրէ, հո՛ն փախիր, քանզի դուն մինչեւ հոն չհասնիս, ես բան մը չեմ կրնար ընել»։ Անոր համար այն քաղաքին անունը Սեգովր դրաւ։ Արեւը երկրի վրայ կը ծագէր, երբ Ղովտ Սեգովր մտաւ։ Այն ատեն Սոդոմի ու Գոմորի վրայ ծծումբ ու կրակ տեղաց Տէրոջը կողմանէ՝ երկնքէն։ Այն քաղաքներուն բոլոր բնակիչները ու երկրի վրայ բուսածը կորսնցուց։ Բայց ետեւէն անոր կինը ետին նայեցաւ ու աղի արձան եղաւ։ Աբրահամ առտուն կանուխ ելլելով՝ Տէրոջը առջեւ կայնած տեղը եկաւ Եւ Սոդոմի ու Գոմորի ու բոլոր դաշտի երկրին վրայ նայելով՝ տեսաւ որ ահա այն երկրէն հնոցի մուխի պէս մուխ կ’ելլէր։ Երբ Աստուած այն դաշտին քաղաքները պիտի կործանէր, Աբրահամը միտքը բերաւ ու երբ Ղովտին բնակած քաղաքները պիտի կորսնցնէր, այն կործանումէն Ղովտը ազատել ուզեց։ Ղովտ Սեգովրէ ելաւ ու լեռը բնակեցաւ եւ իր երկու աղջիկները իրեն հետ. քանզի Սեգովրի մէջ բնակելու կը վախնար ու այրի մը մէջ բնակեցան ինք ու իր երկու աղջիկները։ Մեծ աղջիկը պզտիկին ըսաւ. «Մեր հայրը ծեր է ու երկրի մէջ մէ՛կը չկայ, որ ամէն երկրի սովորութեանը պէս մեզի մտնէ։ Եկուր, մեր հօրը գինի խմցնենք ու իրեն հետ պառկինք ու մեր հօրմէն սերունդ պահենք»։ Այն գիշերը իրենց հօրը գինի խմցուցին ու մեծ աղջիկը մտաւ ու իր հօրը հետ պառկեցաւ եւ Ղովտ չիմացաւ անոր պառկիլը ու ելլելը։ Հետեւեալ օրը մեծ աղջիկը պզտիկին ըսաւ. «Ահա երէկ գիշեր հօրս հետ պառկեցայ. այս գիշեր ալ անոր գինի խմցնենք եւ մտիր ու իրեն հետ պառկէ ու մեր հօրմէն սերունդ պահենք»։ Այն գիշեր ալ իրենց հօրը գինի խմցուցին եւ պզտիկ աղջիկը ելաւ ու անոր հետ պառկեցաւ եւ Ղովտ չիմացաւ անոր պառկիլն ու ելլելը։ Այսպէս՝ Ղովտին երկու աղջիկները իրենց հօրմէն յղի մնացին։ Մեծը որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Մովաբ դրաւ։ Ասիկա Մովաբացիներու հայրն է մինչեւ այսօր։ Պզտիկն ալ որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Բենամմի դրաւ։ Ասիկա Ամմոնացիներուն հայրն է մինչեւ այսօր։ Աբրահամ անկէ դէպի հարաւային երկիրը չուեց եւ Կադէսի ու Սուրի մէջտեղ բնակեցաւ ու Գերարայի մէջ պանդուխտ եղաւ։ Աբրահամ իր կնոջ Սառային համար՝ «Ասիկա իմ քոյրս է», ըսաւ եւ Գերարայի թագաւորն Աբիմելէք մարդ ղրկեց ու առաւ Սառան։ Աստուած գիշերը երազի մէջ եկաւ Աբիմելէքին ու ըսաւ անոր. «Ահա այդ կնոջ համար, որ դուն առիր, պիտի մեռնիս. քանզի անիկա այր ունի»։ Բայց Աբիմելէք անոր մօտեցած չէր եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, արդար ա՞զգ մը պիտի մեռցնես։ Ինք ինծի ‘Անիկա իմ քոյրս է’ չըսա՞ւ եւ աս ալ՝ ‘Անիկա իմ եղբայրս է’, ըսաւ. ես այս բանը ուղիղ սրտով ու մաքուր ձեռքերով ըրի»։ Եւ Աստուած անոր ըսաւ երազի մէջ. «Ես ալ գիտցայ որ այս բանը ուղիղ սրտով ըրիր, նաեւ քեզ ինծի դէմ մեղք գործելէ ետ պահեցի. անոր համար քեզ չթողուցի որ անոր մօտենաս։ Բայց հիմա կինը իր էրկանը դարձուր. քանզի անիկա մարգարէ է եւ քեզի համար աղօթք թող ընէ, որ ապրիս եւ եթէ դուն զանիկա ետ չի տաս, գիտցիր թէ անշուշտ պիտի մեռնիք՝ դուն եւ բոլոր քուկիններդ»։ Ուստի առտուն կանուխ Աբիմելէք ելաւ ու կանչեց իր բոլոր ծառաները եւ բոլոր այս բաները անոնց պատմեց ու մարդիկը շատ վախցան։ Եւ Աբիմելէք կանչեց Աբրահամը ու ըսաւ անոր. «Մեզի ի՞նչ ըրիր. ես քեզի դէմ ի՞նչ յանցանք ըրի, որ իմ վրաս ու թագաւորութեանս վրայ մեծ մեղք մը բերիր. չգործուելու գործեր ընել տուիր ինծի»։ Եւ Աբիմելէք ըսաւ Աբրահամին. «Ի՞նչ տեսար որ այս բանը ըրիր»։ Եւ Աբրահամ ըսաւ. «Ես կարծեցի թէ իրաւցընէ այս տեղ Աստուծոյ վախը չկայ ու կնոջս համար զիս պիտի մեռցնեն։ Եւ ասկէ զատ իրաւցընէ իմ քոյրս է. հօրս աղջիկն է, բայց մօրս աղջիկը չըլլալուն՝ իմ կինս եղաւ։ Եւ երբ Աստուած զիս իմ հօրս տունէն օտարութեան հանեց, ըսի ատոր. ‘Ինծի ընելու շնորհքդ այս ըլլայ, ուր որ երթալու ըլլանք, հոն ինծի համար ըսէ թէ «Իմ եղբայրս է»’։ Եւ Աբիմելէք ոչխարներ ու արջառներ եւ ծառաներ ու աղախիններ առաւ եւ Աբրահամին տուաւ. անոր կինը Սառան ալ անոր դարձուց։ Եւ Աբիմելէք ըսաւ. «Ահա իմ երկիրս քու առջեւդ է, ուր որ կ’ուզես բնակէ»։ Եւ Սառային ըսաւ. «Ահա եղբօրդ հազար կտոր արծաթ տուի։ Ահա այն քեզի չքմեղանքի միջոց ըլլայ բոլոր քեզի հետ եղողներուն եւ ամենուն առջեւ»։ Այսպէս անիկա յանդիմանուեցաւ։ Աբրահամ աղօթք ըրաւ Աստուծոյ եւ Աստուած բժշկեց Աբիմելէքը ու անոր կինը եւ անոր աղախինները սկսան ծնանիլ, Քանզի Տէրը Աբրահամին կնոջ Սառային համար՝ Աբիմելէքի ընտանիքին բոլոր արգանդները գլխովին գոցեր էր։ Տէրը իր ըսածին պէս Սառային այցելեց եւ խոստացածին պէս ըրաւ Սառային։ Սառա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ Աբրահամին՝ իր ծերութեան ատենը, այն նոյն ժամանակին, որ Աստուած ըսեր էր անոր։ Եւ Աբրահամ իրեն ծնած, այսինքն Սառային իրեն ծնած, իր որդիին անունը Իսահակ դրաւ։ Եւ Աբրահամ թլփատեց իր որդին Իսահակը, երբ ութը օրուան եղաւ, ինչպէս Աստուած իրեն պատուիրեր էր։ Աբրահամ հարիւր տարեկան էր, երբ իր որդին Իսահակ ծնաւ իրեն։ Սառա ըսաւ. «Աստուած զիս խնդացուց եւ ամէն լսող ինծի հետ պիտի խնդայ»։ Նաեւ ըսաւ. «Աբրահամին ո՞վ կ’ըսէր, թէ Սառան տղաքներ պիտի սնուցանէ. քանզի իր ծերութեան ատեն իրեն որդի ծնայ»։ Տղան մեծցաւ ու կաթէն կտրուեցաւ եւ Աբրահամ մեծ խնճոյք ըրաւ Իսահակին կաթէն կտրուած օրը։ Սառա տեսնելով որ Եգիպտացի Հագարին որդին, որ Հագար Աբրահամին ծնաւ, ծաղր կ’ընէ, Ըսաւ Աբրահամին. «Վռնտէ՛ այս աղախինը ու անոր որդին. վասն զի այս աղախինին որդին իմ որդիիս Իսահակին հետ ժառանգորդ պէտք չէ ըլլայ»։ Այս բանը Աբրահամին շատ դժուար երեւցաւ՝ իր որդիին պատճառով։ Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Տղուդ համար ու աղախինիդ համար՝ այդ բանը թող քեզի դժուար չերեւնայ, Սառային քեզի ըսած խօսքը մտիկ ըրէ, քանզի Իսահակով քու սերունդդ պիտի կոչուի։ Աղախինին որդին ալ ազգ մը պիտի ընեմ, վասն զի ան ալ քու սերունդդ է»։ Աբրահամ առտուն կանուխ ելաւ եւ հաց ու տիկ մը ջուր առաւ ու Հագարին տուաւ՝ անոր ուսին վրայ դնելով եւ տղան ալ տուաւ ու ղրկեց զանիկա։ Ան գնաց ու Բերսաբէէի անապատին մէջ անդին ասդին կը պտըտէր։ Երբ տիկին ջուրը հատաւ, մացառներէն մէկուն տակ ձգեց տղան։ Եւ նետընկեցի մը չափ հեռու գնաց ու գետինը նստաւ եւ ըսաւ. «Տղուն մեռնիլը չտեսնեմ» եւ գետինը նստելով իր ձայնը վերցուց ու լացաւ։ Աստուած տղուն ձայնը լսեց ու Աստուծոյ հրեշտակը երկնքէն կանչեց Հագարը ու անոր ըսաւ. «Հագա՛ր, քեզի ի՞նչ եղաւ. մի՛ վախնար, վասն զի Աստուած լսեց տղուն ձայնը՝ անոր եղած տեղէն։ Ելի՛ր, տղան վերցո՛ւր ու ձեռքովդ օգնէ անոր. վասն զի մեծ ազգ մը պիտի ընեմ զանիկա»։ Աստուած Հագարին աչքերը բացաւ ու ջրհոր մը տեսաւ եւ գնաց ու տիկը ջրով լեցուց ու տղուն խմցուց։ Աստուած տղուն հետ էր, որ մեծցաւ ու անապատը բնակեցաւ եւ աղեղնաւոր եղաւ։ Փառանի անապատին մէջ բնակեցաւ եւ մայրը անոր կին մը առաւ Եգիպտոսի երկրէն։ Այն ատեն Աբիմելէք եւ իր սպարապետը՝ Փիքօղ, խօսեցան Աբրահամին ըսելով. «Աստուած քեզի հետ է ամէն բանի մէջ՝ ինչ որ գործես։ Եւ հիմա հոս ինծի երդում ըրէ Աստուծմով, որ ինծի ու իմ զաւկիս եւ իմ սերունդիս հետ նենգութեամբ պիտի չվարուիս. հապա իմ քեզի ըրած երախտիքիս պէս պիտի ընես ինծի ու այս երկրին՝ որուն մէջ բնակեր ես»։ Եւ Աբրահամ ըսաւ. «Ես երդում կ’ընեմ»։ Ու Աբրահամ յանդիմանեց Աբիմելէքը ջրհորի մը համար, որ Աբիմելէքի ծառաները բռնութեամբ առած էին։ Աբիմելէք ըսաւ. «Այդ բանը ո՛վ ըրաւ չեմ գիտեր եւ դուն ալ չիմացուցիր ինծի ու ես ալ լսած չէի, միայն այսօր իմացայ»։ Եւ Աբրահամ ոչխարներ ու արջառներ առաւ ու Աբիմելէքին տուաւ ու երկուքն ալ ուխտ ըրին։ Եւ Աբրահամ ոչխարներէն եօթը հատ էգ գառներ զատ դրաւ։ Ու Աբիմելէք ըսաւ Աբրահամին. «Ինչ պիտի ըլլան այդ եօթը էգ գառները, որոնք դուն զատեցիր»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Այս եօթը էգ գառները իմ ձեռքէս առ, որպէս զի անոնք վկայ ըլլան թէ այս հորը ես փորեր եմ»։ Անոր համար այն տեղին անունը Բերսաբէէ կոչեց. քանզի երկուքն ալ հոն երդում ըրին։ Եւ Բերսաբէէի մէջ ուխտ ըրին։ Այն ատեն ելան Աբիմելէքն ու իր սպարապետը Փիքօղ եւ Փղշտացիներու երկիրը դարձան։ Եւ Աբրահամ ծառեր տնկեց Բերսաբէէի մէջ ու հոն յաւիտենական Աստուծոյ, Եհովային անունը կանչեց։ Եւ Աբրահամ շատ օրեր պանդխտութիւն ըրաւ Փղշտացիներու երկրին մէջ։ Այս բաներէն ետքը Աստուած փորձեց Աբրահամը ու ըսաւ անոր. «Ո՛վ Աբրահամ» եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Աստուած ըսաւ. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու Մօրիայի երկիրը գնա եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներէն մէկուն վրայ, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։ Աբրահամ առտուն կանուխ ելաւ ու իր իշուն համետը դրաւ եւ իրեն հետ երկու ծառայ ու իր Իսահակ որդին առաւ եւ ողջակէզի համար փայտ ճեղքեց ու ելաւ գնաց այն տեղը, որ Աստուած իրեն ըսաւ։ Երրորդ օրը Աբրահամ իր աչքերը վեր վերցուց ու հեռուէն տեսաւ այն տեղը։ Աբրահամ ըսաւ իր ծառաներուն. «Դուք իշուն հետ հոս կեցէք եւ ես ու տղան մինչեւ հոն երթանք ու երկրպագութիւն ընենք եւ նորէն ձեզի դառնանք»։ Աբրահամ ողջակէզին փայտերը առաւ ու իր որդիին Իսահակի վրայ դրաւ եւ ինք իր ձեռքը առաւ կրակը ու դանակը ու երկուքը մէկտեղ գացին։ Եւ Իսահակ իր հօրը Աբրահամին ըսաւ. «Հայր իմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ, որդիս» եւ Իսահակ ըսաւ. «Ահա կրակը ու փայտը, բայց ողջակէզ ըլլալու գառը ո՞ւր է»։ Եւ Աբրահամ ըսաւ. «Աստուած իրեն ողջակէզ ըլլալու գառը պիտի պատրաստէ, որդեակ իմ»։ Այսպէս երկուքը մէկտեղ գացին ու հասան այն տեղը, որ Աստուած անոր ըսեր էր։ Աբրահամ հոն սեղան մը շինեց ու փայտերը շարեց եւ իր որդին Իսահակը կապեց ու զանիկա սեղանին փայտերուն վրայ դրաւ։ Աբրահամ իր ձեռքը երկնցուց ու դանակը առաւ, որպէս զի իր որդին մորթէ։ Տէրոջը հրեշտակը երկնքէն կանչեց ու ըսաւ. «Աբրահա՛մ, Աբրահա՛մ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Հրեշտակը ըսաւ. «Տղուն ձեռք մի՛ դպցներ եւ անոր բան մը մի՛ ըներ. քանզի հիմա գիտցայ թէ Աստուծմէ կը վախնաս. որովհետեւ քու մէկ հատիկ որդիդ ինծմէ չխնայեցիր»։ Աբրահամ իր աչքերը վեր վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա իր ետեւը խիտ մացառներուն մէջ եղջիւրներէն բռնուած խոյ մը կար։ Աբրահամ գնաց ու խոյը բերաւ եւ զանիկա իր որդիին տեղ ողջակէզ մատուցանեց։ Աբրահամ այն տեղին անունը Եհովայիրէ կոչեց, որ մինչեւ այսօր կ’ըսուի։ Տէրը լերանը մէջ պիտի երեւնայ։ Տէրոջը հրեշտակը երկրորդ անգամ երկնքէն Աբրահամը կանչեց Ու ըսաւ. «Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որովհետեւ այս բանը ըրիր ու ինծի համար քու մէկ հատիկ որդիդ չխնայեցիր, Քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ Ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր»։ Այսպէս Աբրահամ իր ծառաներուն դարձաւ ու ելան ու մէկտեղ Բերսաբէէ գացին եւ Աբրահամ Բերսաբէէի մէջ կը բնակէր։ Ժամանակ մը յետոյ Աբրահամին պատմուեցաւ՝ ըսելով. «Ահա Մեղքա ինք ալ որդիներ ծնաւ քու եղբօրդ Նաքովրին։ Անդրանիկ որդին Հուսը եւ անոր եղբայրը Բուզը ու Արամին հայրը Կամուէլը Եւ Քազադը ու Ասաւը եւ Փաղդասը ու Յեդլափը եւ Բաթուէլը։ Բաթուէլ ծնաւ Ռեբեկան. այս ութը որդիները Մեղքա ծնաւ Աբրահամին եղբօր Նաքովրին Եւ անոր հարճը, որուն անունը Ռէումա էր, անիկա ալ ծնաւ Տէբաքը եւ Գաամը ու Թաքասը եւ Մաաքան։ Սառա հարիւր քսանըեօթը տարի ապրեցաւ. այսքան եղան Սառային կեանքին տարիները։ Սառա մեռաւ Կարիաթ Արբայի մէջ, որ է Քեբրոն, Քանանի երկրին մէջ։ Աբրահամ Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ։ Աբրահամ իր մեռելին քովէն ելաւ ու Քետի որդիներուն հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ես ձեր մէջ օտարական ու պանդուխտ եմ. ձեր մէջ ինծի գերեզմանի համար կալուած մը տուէք, որպէս զի իմ երեսիս առջեւէն մեռելս թաղեմ»։ Եւ Քետի որդիները պատասխան տուին Աբրահամին ու անոր ըսին. «Տէ՛ր իմ, մտիկ ըրէ մեզի, դուն մեր մէջ Աստուծոյ իշխանն ես։ Մեր ամենէն ընտիր գերեզմանին մէջ թաղէ քու մեռելդ։ Քու մեռելդ թաղելու համար՝ մեզմէ մէ՛կը չի խնայեր իր գերեզմանը քեզի»։ Աբրահամ ելաւ ու խոնարհութիւն ըրաւ այն երկրին ժողովուրդին, Քետի որդիներուն Եւ անոնց ըսաւ. «Եթէ կը հաճիք, որ ես իմ երեսիս առջեւէն մեռելս թաղեմ, ինծի մտիկ ըրէք եւ ինծի համար Սահառի որդիին Եփրոնին հետ խօսեցէք, Որ իր արտին ծայրը եղած Մաքփելայի այրը ինծի տայ։ Անիկա ձեր մէջ ինծի գերեզմանի կալուած ըլլալու համար թող լման գնով տայ»։ Եփրոն՝ Քետի որդիներուն մէջ կը նստէր։ Քետացի Եփրոն պատասխան տուաւ Աբրահամին, երբ իր քաղաքին դուռը մտնող բոլոր Քետի որդիները կը լսէին ու ըսաւ. «Ո՛չ, տէր իմ, ինծի մտիկ ըրէ։ Արտը քեզի կու տամ եւ հոն եղած այրն ալ քեզի կու տամ։ Իմ ժողովուրդիս որդիներուն առջեւ զայն քեզի տուի, թաղէ՛ քու մեռելդ»։ Աբրահամ այն երկրին ժողովուրդին առջեւ խոնարհութիւն ըրաւ Ու Եփրոնին խօսեցաւ, երբ այն երկրին ժողովուրդը կը լսէին ու ըսաւ. «Բայց եթէ զայն ինծի պիտի տաս, կ’աղաչեմ քեզի, ինծի մտիկ ըրէ. ես արտին ստակը տամ. առ ինծմէ որ ես իմ մեռելս հոն թաղեմ»։ Եւ Եփրոն պատասխան տուաւ Աբրահամին ու ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, լսէ՛ ինծի. գետինը չորս հարիւր սիկղ արծաթ կ’արժէ. իմ ու քու մէջտեղ այն ի՞նչ արժէք ունի. ուրեմն թաղէ՛ քու մեռելդ»։ Աբրահամ Եփրոնին մտիկ ըրաւ ու կշռեց արծաթը ու տուաւ Եփրոնին, ինչպէս անիկա Քետի որդիներուն առջեւ խօսեր էր, այսինքն չորս հարիւր սիկղ արծաթ՝ վաճառականներուն մէջ անցած գնով ։ Եփրոնին արտը, որ Մաքփելայի մէջ Մամբրէի առջեւ է ու հոն եղած այրը ու անոր բոլորտիքի սահմաններուն մէջ եղած արտին մէջի բոլոր ծառերը Իբր Աբրահամին կալուած հաստատուեցան՝ քաղաքին դռնէն մտնող բոլոր Քետի որդիներուն առջեւ։ Անկէ ետքը Աբրահամ իր կինը Սառան թաղեց Մամբրէի դիմաց եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ է Քեբրոն՝ Քանանի երկրին մէջ։ Արտը ու հոն եղած այրը Քետի որդիներէն Աբրահամին իբր գերեզմանի կալուած հաստատուեցան։ Աբրահամ օրերն անցուցած ու ծերացած էր։ Տէրը ամէն բանի մէջ օրհնեց Աբրահամը։ Աբրահամ ըսաւ իր տանը երէց ծառային, որ իր բոլոր ունեցածին վերակացուն էր. «Կ’աղաչեմ քեզի, ձեռքդ իմ երանքիս տակ դիր Եւ քեզ երդմնցնեմ Տէրոջմով, որ երկնքի ու երկրի Աստուածն է, որ իմ որդիիս կին չառնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց մէջ ես կը բնակիմ. Հապա իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս երթաս ու իմ որդիիս Իսահակին անկէ կին առնես»։ Ծառան ըսաւ անոր. «Գուցէ կինը իմ ետեւէս այս երկիրը գալ չուզէ, կ’ուզե՞ս որ քու որդիդ այն երկիրը դարձնեմ ուրկէ դուն ելար»։ Աբրահամ ըսաւ անոր. «Զգուշացի՛ր, իմ որդիս հոն մի՛ դարձներ։ Երկնքի Տէր Աստուածը, որ զիս իմ հօրս տունէն ու իմ ծննդեան երկրէս հանեց եւ որ խօսեցաւ ինծի ու երդում ըրաւ ինծի՝ ըսելով՝ ‘Այս երկիրը քու սերունդիդ պիտի տամ’, անիկա իր հրեշտակը քու առջեւէդ պիտի ղրկէ ու դուն անկէ իմ որդիիս կին պիտի առնես։ Եթէ կինը քու ետեւէդ գալ չուզէ, այս իմ երդումէս դուն անպարտ կ’ըլլաս. միայն թէ իմ որդիս հոն մի՛ դարձներ»։ Եւ ծառան իր տիրոջը Աբրահամին երանքին տակ դրաւ իր ձեռքը ու այս բանին համար երդում ըրաւ անոր։ Ծառան իր տիրոջը ուղտերէն տասը ուղտ առաւ, քանզի իր տիրոջ բոլոր բարիքները իր ձեռքն էին եւ ելաւ ու դէպի Միջագետք Նաքովրի քաղաքը գնաց։ Ուղտերը քաղաքէն դուրս ջրհորի մը քով նստեցուց իրիկուան դէմ՝ կիներուն ջուր քաշելու եկած ատենը Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, կ’աղաչեմ քեզի, յաջողութիւն տուր ինծի այսօր եւ իմ տիրոջս Աբրահամին բարերարութիւն ըրէ։ Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ այս քաղաքին բնակիչներուն աղջիկները ջուր հանելու պիտի գան։ Եւ երբ աղջկան մը ըսեմ՝ ‘Շնորհք ըրէ, սափորդ իջեցուր որպէս զի խմեմ’ ու անիկա ըսէ թէ՝ ‘Խմէ ու քու ուղտերուդ ալ խմցնեմ’, անիկա թող ըլլայ քու Իսահակ ծառայիդ համար սահմանածդ եւ ասով գիտնամ թէ իմ տիրոջս բարերարութիւն ըրիր»։ Տակաւին իր խօսքը չլմնցուցած, ահա Աբրահամին եղբօրը Նաքովրին կնոջ Մեղքայի որդիին Բաթուէլի ծնած Ռեբեկան եկաւ, իր ուսին վրայ սափոր մը ունենալով։ Աղջիկը խիստ գեղեցիկ տեսքով կոյս մըն էր ու այր մարդ մը զանիկա գիտցած չէր։ Անիկա իջաւ աղբիւրը ու իր սափորը լեցուց ու կը դառնար։ Եւ ծառան զանիկա դիմաւորելու վազեց ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու սափորէդ ինծի քիչ մը ջուր խմցուր»։ Անիկա ըսաւ. «Խմէ՛, տէ՛ր իմ» ու շուտով սափորը իր ուսէն իջեցուց եւ տուաւ որ խմէ։ Երբ ան խմեց, աղջիկը ըսաւ. «Ուղտերուդ ալ ջուր քաշեմ, մինչեւ ամէնն ալ խմեն»։ Շուտով սափորը աւազանին մէջ պարպեց ու նորէն հորը վազեց ջուր քաշելու եւ անոր բոլոր ուղտերուն համար ջուր քաշեց։ Եւ մարդը զարմանալով անոր վրայ՝ լուռ կը մնար, մտածելով թէ արդեօք Տէրը իր ճամբան յաջողցո՞ւց թէ ոչ։ Ու երբ բոլոր ուղտերը խմեցին, մարդը կէս սիկղ ոսկիէ օղակ մը եւ անոր ձեռքերուն համար տասը սիկղ ոսկիէ երկու ապարանջան հանեց ու անոր տուաւ Ու ըսաւ. «Դուն որո՞ւն աղջիկն ես, կ’աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի. քու հօրդ տունը մեզի համար գիշերը կենալու տեղ կա՞յ»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Ես Մեղքայի որդիին Բաթուէլին աղջիկն եմ, որ Մեղքա Նաքովրին ծնաւ»։ Նաեւ ըսաւ անոր. «Մենք շատ յարդ ու ճարակ ունինք եւ գիշերը կենալու տեղ ալ »։ Ու մարդը խոնարհեցաւ ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ Եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ տիրոջս Աբրահամին Տէր Աստուածը, որ իմ տէրս իր ողորմութենէն ու իր ճշմարտութենէն չզրկեց. քանի որ ես ճամբուն մէջ էի, Տէրը զիս իմ տիրոջս եղբայրներուն տունը առաջնորդեց»։ Աղջիկը վազեց ու այս բաները իր մօրը տունը պատմեց։ Ռեբեկա եղբայր մը ունէր՝ Լաբան անունով։ Լաբան վազեց դէպի աղբիւրը մարդուն քով, Վասն զի տեսնելով օղակը եւ իր քրոջը ձեռքերուն վրայի ապարանջանները ու լսելով իր քրոջը Ռեբեկային խօսքերը, որ կ’ըսէր թէ ‘Այն մարդը այսպէս խօսեցաւ ինծի’, մարդուն եկաւ եւ ահա անիկա ուղտերուն քով աղբիւրին մօտ կայներ էր։ Լաբան ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր, ո՛վ Տէրոջը օրհնեալը, ինչո՞ւ դուրսը կայներ ես. քանզի տունը պատրաստեցի եւ ուղտերուն համար տեղ մը»։ Լաբան մարդը տունը տարաւ եւ ուղտերը քակեց եւ անոնց յարդ ու ճարակ եւ անոր ոտքերն ու անոր հետ մարդոց ոտքերը լուալու ջուր տուաւ։ Անոր առջեւ կերակուր դրուեցաւ. բայց անիկա ըսաւ. «Մինչեւ իմ խօսքերս չըսեմ, չեմ ուտեր»։ Լաբան ըսաւ. «Խօսէ՛»։ Ու անիկա ըսաւ. «Ես Աբրահամին ծառան եմ։ Տէրը մեծապէս օրհնեց իմ տէրս ու մեծ մարդ մը եղաւ։ Անոր հօտեր ու արջառներ եւ արծաթ ու ոսկի եւ ծառաներ ու աղախիններ եւ ուղտեր ու էշեր տուաւ։ Եւ իմ տիրոջս կինը՝ Սառա՝ իր պառաւութեան ատենը որդի մը ծնաւ իմ տիրոջս, որուն տուաւ իր բոլոր ունեցածը։ Եւ իմ տէրս ինծի երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. ‘Չըլլայ որ իմ որդիիս կին առնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց երկիրը ես կը բնակիմ. Հապա իմ հօրս տունը ու իմ ազգատոհմիս երթաս ու իմ որդիիս կին բերես’։ Ես իմ տիրոջս ըսի. ‘Գուցէ կինը իմ ետեւէս չգայ’։ Եւ անիկա ինծի ըսաւ. ‘Տէրը, որուն առջեւ ես կը քալեմ, իր հրեշտակը քեզի հետ պիտի ղրկէ ու քու ճամբադ պիտի յաջողցնէ եւ իմ որդիիս իմ ազգատոհմէս ու իմ հօրս տունէն կին պիտի առնես։ Իսկ դուն այն ատեն իմ երդումէս անպարտ պիտի ըլլաս, եթէ իմ ազգատոհմիս երթաս, բայց քեզի մէ՛կը չտան’։ Ես աղբիւրն եկայ այսօր ու ըսի. ‘Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, իմ ճամբաս եթէ դուն ընտրած ես, Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ երբ աղջիկ մը ջուր քաշելու գայ եւ ես անոր ըսեմ թէ՝ ‘Շնորհք ըրէ, ինծի քու սափորէդ քիչ մը ջուր խմցուր’ Եւ անիկա ինծի՝ ‘Դուն ալ խմէ եւ ուղտերուդ համար ալ ջուր քաշեմ’ ըսէ, թող անիկա ըլլայ Տէրոջը սահմանած կինը իմ տիրոջս որդիին համար։ Դեռ իմ սրտիս մէջ խօսքս չլմնցուցած՝ ահա Ռեբեկան եկաւ սափորը իր ուսին վրայ եւ աղբիւրը իջաւ ու ջուր քաշեց, երբ ըսի անոր. ‘Շնորհք ըրէ, ինծի ջուր խմցուր’։ Եւ անիկա շուտով սափորը իր ուսէն վար առաւ ու ըսաւ. ‘Խմէ եւ ուղտերուդ ալ խմցնեմ’. ուստի ես խմեցի եւ ուղտերուն ալ խմցուց։ Այն ատեն հարցուցի անոր. ‘Դուն որո՞ւն աղջիկն ես’ եւ անիկա ըսաւ. ‘Մեղքայի Նաքովրին ծնած որդիին Բաթուէլին աղջիկն եմ’, ես ալ օղակը անոր քիթը ու ապարանջանները անոր ձեռքերուն վրայ դրի։ Եւ խոնարհեցայ ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրի եւ իմ տիրոջս Աբրահամին Տէր Աստուածը օրհնեցի, որ իմ տիրոջս եղբօրը աղջիկը իր որդիին առնելու համար զիս ուղիղ ճամբան առաջնորդեց։ Եւ հիմա եթէ իմ տիրոջս շնորհք ու ճշմարտութիւն պիտի ընէք, ըսէք ինծի եւ եթէ ոչ՝ նորէն ինծի ըսէք, որ ես աջ կողմը կամ ձախ կողմը դառնամ»։ Լաբան ու Բաթուէլ պատասխան տուին ու ըսին. «Այս բանը Տէրոջմէն է. մենք քեզի գէշ կամ աղէկ չենք կրնար ըսել։ Ահա Ռեբեկան քու առջեւդ է, ա՛ռ ու գնա՛ եւ Տէրոջը կարգադրածին պէս թող քու տիրոջդ որդիին կին ըլլայ»։ Երբ Աբրահամին ծառան անոնց խօսքերը լսեց, մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագութիւն ըրաւ Տէրոջը։ Ապա ծառան արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր եւ հանդերձներ հանեց ու Ռեբեկային տուաւ եւ անոր եղբօրը ու մօրը պատուական ընծաներ տուաւ։ Եւ կերան ու խմեցին ինք ու իրեն հետ եղող մարդիկը ու գիշերը հոն մնացին եւ առտուն ելան ու ինք ըսաւ. «Զիս իմ տիրոջս ղրկեցէք»։ Աղջկան եղբայրն ու մայրը ըսին. «Թող աղջիկը քանի մը օր՝ գոնէ տասը օր ՝ մեր քով կենայ ու ետքը գացէք»։ Բայց ինք ըսաւ անոնց. «Զիս մի՛ արգիլէք, քանի որ Տէրը իմ ճամբաս յաջողցուց, թո՛ղ տուէք զիս որ տիրոջս երթամ»։ Անոնք ըսին. «Աղջիկը կանչենք ու անոր բերանը փնտռենք»։ Եւ կանչեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Այս մարդուն հետ կ’երթա՞ս»։ Անիկա «Կ’երթամ», ըսաւ։ Ու իրենց քոյրը Ռեբեկան ու անոր դայեակը եւ Աբրահամին ծառան ու անոր մարդիկը ղրկեցին։ Եւ օրհնեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Դուն մեր քոյրն ես. հազարաւոր բիւրերու մայր ըլլաս եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները ժառանգէ»։ Ռեբեկա ու իր աղախինները ելան եւ ուղտերը հեծան ու այն մարդուն ետեւէն գացին։ Ծառան առաւ Ռեբեկան ու գնաց։ Եւ Իսահակ Լահայրոյի ջրհորէն դարձած կու գար. վասն զի անիկա հարաւային երկիրը կը բնակէր։ Եւ Իսահակ իրիկուան դէմ դաշտը ելեր էր մտածելու համար։ Երբ իր աչքերը վերցուց՝ տեսաւ որ ահա ուղտերը կու գային։ Նոյն ատեն Ռեբեկան իր աչքերը վերցուց ու երբ Իսահակը տեսաւ, ուղտէն վար իջաւ Եւ ըսաւ ծառային. «Դաշտին մէջ դէպի մեզ եկող այդ մարդը ո՞վ է»։ Ծառան ըսաւ. «Իմ տէրս է»։ Ինք քօղը առաւ ու ծածկուեցաւ։ Եւ ծառան իր բոլոր ըրած բաները պատմեց Իսահակին։ Իսահակ զանիկա իր մօրը Սառային վրանը տարաւ ու առաւ Ռեբեկան, որ իր կինը եղաւ եւ ինք սիրեց զանիկա։ Ու Իսահակ մխիթարուեցաւ իր մօրը վրայով։ Աբրահամ նորէն կին մը առաւ, որուն անունը Քետուրա էր։ Անիկա Զեմրանը ու Յեկսանը եւ Մադանը ու Մադիանը եւ Յեսբոկը ու Սովէն ծնաւ անոր։ Յեկսան ծնաւ Սաբան ու Դեդանը. Դեդանին որդիները Ասուրիմ ու Լատուսիմ եւ Լովովմիմ էին։ Մադիանին որդիները Գեփա ու Ափէր եւ Ենովք ու Աբիդա եւ Ելդագա էին։ Ասոնք ամէնքը Քետուրային որդիներն էին։ Եւ Աբրահամ իր բոլոր ունեցածը Իսահակին տուաւ. Բայց իր հարճերուն որդիներուն պարգեւներ տուաւ եւ իր կենդանութեան ատենը զանոնք իր որդիին Իսահակին քովէն դէպի արեւելք՝ արեւելեան երկիրը ղրկեց։ Աբրահամին կեանքին տարիներուն օրերը որ ինք ապրեցաւ, հարիւր եօթանասունըհինգ տարի էին։ Եւ Աբրահամ աղէկ ծերութեամբ ծերացած ու իր օրերը լեցուած՝ աւանդեց իր հոգին ու մեռաւ եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։ Եւ իր որդիները՝ Իսահակ ու Իսմայէլ, թաղեցին զանիկա Մաքփելայի այրին մէջ, որ Քետացի Սահառի որդիին Եփրոնին արտին մէջ, Մամբրէի դէմ է. Այն արտը, որ Աբրահամ Քետի որդիներէն ծախու առած էր։ Հոն թաղուեցան Աբրահամ եւ իր կինը Սառան։ Աբրահամին մեռնելէն ետքը Աստուած օրհնեց անոր որդին Իսահակը եւ Իսահակ Լահայրոյի ջրհորին քով բնակեցաւ։ Ասոնք են Աբրահամին որդիին Իսմայէլին ծնունդները, որ Սառային Եգիպտացի աղախինը Հագար ծնաւ Աբրահամին։ Իսմայէլի որդիներուն անուններն են՝ իրենց անուններովը ու իրենց ծնունդներովը. Իսմայէլին անդրանիկը Նաբէօթ, ետքը Կեդար, Ադբեէլ, Մաբսամ, Մասմա, Դումա, Մասսէ, Քոդադ, Թեմա, Յետուր, Նափէս ու Կեդմա։ Ասոնք են Իսմայէլին որդիները։ Իրենց վրաններովն ու իրենց գիւղերովը իրենց անունները ասոնք են. իրենց ազգերուն համեմատ տասներկու իշխաններ էին։ Իսմայէլի կեանքին օրերը հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան եւ իր հոգին աւանդելով մեռաւ ու իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։ Եւ Իսմայէլացիները բնակեցան Եւիլայէ մինչեւ Սուր, որ Եգիպտոսի դիմաց Ասորեստան երթալու ճամբուն վրայ է. բոլոր իր եղբայրներուն առջեւ բնակեցաւ։ Եւ Աբրահամի որդիին Իսահակին ծնունդները ասոնք են. Աբրահամ ծնաւ Իսահակը։ Իսահակ քառասուն տարեկան էր, երբ Միջագետքէն Ասորի Բաթուէլին աղջիկը, Ասորի Լաբանին քոյրը Ռեբեկան իրեն կին առաւ։ Իսահակ աղաչեց Տէրոջը իր կնոջ համար՝ ամուլ ըլլալուն պատճառով եւ Տէրը անոր աղաչանքը ընդունեց ու անոր կինը Ռեբեկան յղացաւ։ Եւ տղաքները անոր արգանդին մէջ կը կռուէին ու ըսաւ. «Եթէ այսպէս է, ինչո՞ւ եղաւ ինծի ասիկա» եւ Տէրոջը հարցնելու գնաց։ Ու Տէրը ըսաւ անոր. «Երկու ազգ կան արգանդիդ մէջ եւ քու որովայնէդ երկու ժողովուրդ պիտի զատուի ու ժողովուրդին մէկը միւսէն զօրաւոր պիտի ըլլայ եւ մեծը պիտի ծառայէ պզտիկին»։ Ու երբ անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան, ահա երկուորեակ էին անոր արգանդին մէջ։ Առաջինը ելաւ կարմրագոյն, բոլոր մարմինը մազոտ վերարկուի պէս էր ու անոր անունը Եսաւ դրին։ Եւ անկէ ետքը անոր եղբայրը ելաւ ու անոր ձեռքը Եսաւի գարշապարէն բռներ էր եւ անոր անունը Յակոբ դրին ու անոնց ծնած ատենը Իսահակ վաթսուն տարեկան էր։ Եւ մանուկները մեծցան ու Եսաւ դաշտի մարդ՝ վարպետ որսորդ եղաւ. իսկ Յակոբ՝ հանդարտ բարքով մարդ էր ու վրաններու մէջ կը բնակէր։ Եւ Իսահակ կը սիրէր Եսաւը, վասն զի անոր որսէն կ’ուտէր, բայց Ռեբեկա Յակոբը կը սիրէր։ Օր մը երբ Յակոբ ապուր կ’եփէր, Եսաւ դաշտէն եկաւ եւ անօթութենէն կը մարէր։ Եսաւ Յակոբին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, այդ շիկաթանէն տուր որ ուտեմ, քանզի կը մարիմ»։ Անոր համար անոր անունը Եդովմ կոչուեցաւ։ Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ծախէ՛ ինծի այսօր քու անդրանկութեանդ իրաւունքը»։ Եսաւ ըսաւ. «Ահա մեռնելու կը մօտենամ եւ անդրանկութենէն ինծի ի՞նչ օգուտ կայ»։ Եւ Յակոբ ըսաւ. «Այսօր ինծի երդում ըրէ»։ Անիկա երդում ըրաւ անոր ու իր անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց Յակոբին։ Այն ատեն Յակոբ հաց ու ոսպէ ապուր տուաւ Եսաւին եւ անիկա կերաւ ու խմեց ու ելաւ գնաց։ Այսպէս Եսաւ իր անդրանկութիւնը անարգեց։ Երկրին մէջ սով եղաւ, առաջուան սովէն զատ, որ Աբրահամին օրերը եղեր էր։ Իսահակ Գերարա գնաց Փղշտացիներու Աբիմելէք թագաւորին։ Եւ Տէրը երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Եգիպտոս մի՛ իջներ, բնակէ այն երկրին մէջ որ քեզի պիտի ըսեմ։ Պանդուխտ եղիր այս երկրին մէջ ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ եւ քեզ պիտի օրհնեմ, վասն զի բոլոր այս երկիրները քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ ու քու հօրդ Աբրահամին ըրած երդումս պիտի հաստատեմ Եւ քու սերունդդ երկնքի աստղերուն չափ պիտի շատցնեմ եւ բոլոր այս երկիրները քու սերունդիդ պիտի տամ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին. Վասն զի Աբրահամ իմ ձայնիս ականջ դրաւ եւ իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս, իմ կանոններս ու օրէնքներս պահեց»։ Իսահակ բնակեցաւ Գերարայի մէջ։ Ու այն տեղին մարդիկը հարցուցին անոր իր կնոջ համար եւ անիկա ըսաւ. «Իմ քոյրս է», քանզի «Իմ կինս է» ըսելու վախցաւ։ «Չըլլայ որ, ըսաւ, այս տեղին մարդիկ զիս մեռցնեն Ռեբեկային համար». վասն զի անիկա տեսքով գեղեցիկ էր։ Ու եղաւ որ երբ հոն շատ ատեն կեցաւ, Փղշտացիներու թագաւորը՝ Աբիմելէք՝ պատուհանէն նայեցաւ ու տեսաւ եւ ահա Իսահակ իր կնոջ Ռեբեկայի հետ կը խաղար։ Աբիմելէք կանչեց Իսահակը ու ըսաւ. «Ահա իրաւցընէ անիկա քու կինդ է եւ ի՞նչպէս ‘Անիկա իմ քոյրս է’, ըսիր»։ Ու Իսահակ ըսաւ անոր. «Քանզի ըսի թէ՝ ‘Չըլլայ որ անոր պատճառաւ մեռնիմ’»։ Եւ Աբիմելէք ըսաւ. «Ի՞նչ է այս քու մեզի ըրածդ. քիչ մնաց որ ժողովուրդէն մէկը քու կնոջդ հետ պառկէր ու մեր վրայ յանցանք պիտի բերէիր»։ Աբիմելէք իր բոլոր ժողովուրդին պատուիրեց՝ ըսելով. «Ով որ այս մարդուն կամ անոր կնոջ դպչելու ըլլայ՝ անշուշտ պիտի սպաննուի»։ Իսահակ այն երկրին մէջ ցանեց ու այդ տարին հարիւրապատիկ արդիւնք քաղեց, քանզի Տէրը օրհնեց զանիկա։ Մարդը բարձրացաւ ու երթալով մեծցաւ. այնպէս որ խիստ մեծ եղաւ։ Ունեցաւ ոչխարներ ու արջառներ եւ շատ ծառաներ ու Փղշտացիները նախանձեցան անոր։ Իր հօրը Աբրահամին օրերը իր հօրը ծառաներուն փորած բոլոր ջրհորները Փղշտացիները գոցեցին հող լեցնելով։ Աբիմելէք ըսաւ Իսահակին. «Գնա՛ մեր քովէն, վասն զի մեզմէ շատ աւելի զօրաւոր եղար»։ Իսահակ գնաց անկէ ու իր վրանները Գերարայի ձորին մէջ բացաւ ու հոն բնակեցաւ։ Իսահակ նորէն փորեց այն ջրհորները, որոնք իր հօրը Աբրահամին օրերը փորուեր էին, բայց Աբրահամին մեռնելէն ետքը Փղշտացիները գոցեր էին եւ իր հօրը դրած անուններուն պէս անոնց անուններ դրաւ։ Իսահակին ծառաները այն ձորին մէջ փորեցին ու հոն վազուն ջուրի հոր գտան։ Եւ Գերարայի հովիւները Իսահակին հովիւներուն հետ կը կռուէին՝ ըսելով. «Ջուրը մերն է», անոր համար այն հորին անունը Էսէք դրաւ. քանզի անոր համար կռուեցան։ Ուրիշ հոր մը փորեցին։ Անոր համար ալ կռուեցան եւ անոր անունը Սիդնա դրաւ։ Ապա անկէ չուեց եւ ուրիշ հոր մը փորեց, որուն համար չկռուեցան։ Անոր անունը Ռոբովդ դրաւ՝ ըսելով. «Քանզի հիմա Տէրը մեզ ընդարձակեց ու երկրի մէջ պտղաբեր պիտի ըլլանք»։ Անկէ Բերսաբէէ ելաւ։ Այն գիշերը Տէրը երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Ես քու հօրդ Աբրահամին Աստուածն եմ. մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզի հետ եմ եւ իմ ծառայիս Աբրահամին համար քեզ պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ պիտի շատցնեմ»։ Իսահակ հոն սեղան մը շինեց ու Տէրոջը անունը կանչեց եւ հոն իր վրանը բացաւ։ Իր ծառաները հոն ալ հոր մը փորեցին։ Աբիմելէք եւ իր բարեկամը Ոքոզաթ ու իր սպարապետը Փիքօղ Գերարայէն անոր գացին։ Իսահակ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ պատճառաւ ինծի եկաք, մինչդեռ զիս ատեցիք ու զիս ձեզմէ վռնտեցիք»։ Անոնք ըսին. «Ստուգիւ տեսանք որ Տէրը քեզի հետ է, ուստի ըսինք՝ ‘Հիմա մեր մէջ, այսինքն մեր ու քու մեջտէղ, երդում մը ըլլայ եւ քեզի հետ ուխտ ընենք, Որպէս զի մեզի գէշութիւն չընես, ինչպէս մենք քեզի բան մը չըրինք, միայն թէ քեզի աղէկութիւն ըրինք ու քեզ խաղաղութեամբ ճամբեցուցինք’։ Դուն Տէրոջը օրհնեալն ես»։ Եւ ինք անոնց խնճոյք ըրաւ։ Անոնք կերան ու խմեցին Եւ առտուն կանուխ ելան ու իրարու երդում ըրին եւ Իսահակ ճամբեցուց զանոնք։ Անոնք խաղաղութեամբ իրմէ գացին։ Նոյն օրը Իսահակի ծառաները եկան եւ անոր պատմեցին իրենց փորած հորին համար ու անոր ըսին. «Ջուր գտանք»։ Ինք անոր անունը Սաբէէ դրաւ. անոր համար մինչեւ այսօր այն քաղաքին անունը Բերսաբէէ է։ Եսաւ քառասուն տարեկան էր, երբ իրեն կին առաւ Քետացի Բէերիի աղջիկը Յուդիկը ու Քետացի Ելօնի աղջիկը Բասեմաթը։ Ասոնք Իսահակին ու Ռեբեկային սրտի ցաւ եղան։ Երբ Իսահակ ծերացաւ ու իր աչքերուն տեսողութիւնը տկարացաւ, իր մեծ որդին Եսաւը կանչեց ու ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ իմ»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Եւ Իսահակ ըսաւ. «Ահա ես ծերացեր եմ ու մեռնելուս օրը չեմ գիտեր։ Հիմա զէնքերդ՝ կապարճդ ու աղեղդ ա՛ռ եւ դաշտը ելիր ու ինծի որս մը որսայ Եւ իմ սիրածիս պէս ինծի խորտիկներ պատրաստէ ու ինծի բեր որ ուտեմ, որպէս զի մեռնելէս առաջ իմ հոգիս քեզ օրհնէ»։ Ռեբեկա լսեց, երբ Իսահակ իր որդիին՝ Եսաւին հետ կը խօսէր։ Եսաւ դաշտը գնաց որս մը որսալու եւ բերելու։ Ռեբեկա իր որդիին Յակոբին ըսաւ. «Ահա ես լսեցի, երբ քու հայրդ քու եղբօրդ Եսաւին խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Ինծի որս բեր ու ինծի խորտիկներ պատրաստէ, որպէս զի ուտեմ ու մեռնելէս առաջ քեզ Տէրոջը առջեւ օրհնեմ’։ Հիմա, որդեակ իմ, ինչ որ ես քեզի պատուիրեմ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ։ Հիմա դէպի հօտը գնա ու անկէ ինծի երկու աղէկ ուլ բեր այծերէն եւ անոնցմէ քու հօրդ համար խորտիկներ պատրաստեմ իր սիրածին պէս Ու հօրդ տար, որ ուտէ եւ իր մեռնելէն առաջ քեզ օրհնէ»։ Յակոբ ըսաւ իր մօրը Ռեբեկային. «Ահա իմ եղբայրս Եսաւ մազոտ մարդ մըն է ու ես լերկ մարդ մըն եմ, Գուցէ հայրս զիս շօշափէ ու ես իր աչքին խաբողի մը պէս երեւնամ եւ իմ վրաս անէծք բերեմ ու ոչ թէ օրհնութիւն»։ Եւ իր մայրը ըսաւ անոր. «Որդեակ իմ, քեզի գալու անէծքը թող իմ վրաս ըլլայ, միայն թէ դուն իմ խօսքս մտիկ ըրէ ու գնա ինծի բեր զանոնք »։ Յակոբ գնաց ու առաւ եւ իր մօրը բերաւ։ Մայրը անոր հօրը սիրածին պէս խորտիկներ պատրաստեց։ Ռեբեկա իր մեծ որդիին Եսաւին ազնիւ հանդերձները առաւ, որոնք տանը մէջ իր քով էին ու իր պզտիկ որդիին Յակոբին հագցուց։ Եւ այծի ուլերուն մորթերը անոր ձեռքերուն ու անոր լերկ պարանոցին վրա դրաւ. Եւ իր ըրած խորտիկները ու հացը իր որդիին Յակոբին ձեռքը տուաւ։ Յակոբ իր հօրը գնաց ու ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ. ո՞վ ես դուն, որդեակ իմ»։ Ու Յակոբ իր հօրը ըսաւ. «Ես քու անդրանիկ որդիդ Եսաւն եմ, ինծի ըսածիդ պէս ըրի։ Շնորհք ըրէ՛, ելի՛ր, նստէ՛ եւ իմ որսէս կեր, որպէս զի քու հոգիդ զիս օրհնէ»։ Իսահակ ըսաւ իր որդիին. «Ի՞նչպէս այդչափ շուտով գտար, որդեակ իմ»։ Յակոբ ըսաւ. «Քանզի Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ իմ առջեւս բերաւ»։ Իսահակ ըսաւ Յակոբին. «Մօտ եկուր որպէս զի քեզ շօշափեմ, որդեա՜կ իմ, թէ արդեօք դուն իմ որդիս Եսա՞ւն ես, թէ ոչ»։ Յակոբ իր հօրը Իսահակին մօտեցաւ, որ շօշափեց զանիկա ու ըսաւ. «Ձայնը Յակոբին ձայնն է, բայց ձեռքերը Եսաւին ձեռքերն են»։ Այսպէս չճանչցաւ զանիկա, քանզի անոր ձեռքերը իր եղբօրը Եսաւի ձեռքերուն պէս մազոտ էին եւ օրհնեց զանիկա Ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես իմ որդիս Եսաւը»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Հայրը ըսաւ. «Մօտ բեր ինծի ու իմ որդիիս որսէն ուտեմ, որպէս զի իմ հոգիս քեզ օրհնէ»։ Յակոբ մօտեցուց անոր, ան ալ կերաւ։ Յակոբ գինի բերաւ հօրը, որ խմեց։ Անոր հայրը՝ Իսահակ՝ ըսաւ անոր. «Հիմա մօտեցիր ու զիս համբուրէ, որդեակ իմ»։ Անիկա մօտեցաւ ու համբուրեց զանիկա եւ Իսահակ հանդերձին հոտը հոտուըտաց ու օրհնեց զանիկա եւ ըսաւ. «Ահա իմ որդիիս հոտը Տէրոջը օրհնած արտին հոտին պէս է։ Ուստի Աստուած տայ քեզի երկնքի ցօղէն ու երկրի պարարտութենէն եւ ցորենի ու գինիի առատութիւն. Թող ժողովուրդներ քեզի ծառայեն եւ ազգեր քեզի խոնարհութիւն ընեն. քու եղբայրներուդ տէրը եղիր եւ քու մօրդ որդիները քեզի խոնարհութիւն ընեն. քեզ անիծողը անիծեալ ըլլայ ու քեզ օրհնողը՝ օրհնեալ»։ Երբ Իսահակ դադարեցաւ Յակոբը օրհնելէ ու հազիւ թէ Յակոբ իր հօրը Իսահակին առջեւէն ելեր էր, անոր եղբայրը Եսաւ որսէն եկաւ։ Ան ալ խորտիկներ պատրաստեց ու իր հօրը բերաւ եւ իր հօրը ըսաւ. «Թող իմ հայրս ելլէ ու իր որդիին որսէն ուտէ, որպէս զի քու հոգիդ զիս օրհնէ»։ Անոր հայրը Իսահակ ըսաւ անոր. «Դուն ո՞վ ես»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ես քու որդիդ, քու անդրանիկդ, Եսաւն եմ»։ Իսահակ խիստ շատ սարսափեցաւ ու ըսաւ. «Այն որսը բռնողն ու ինծի բերողը ո՞վ էր, որ ես քու գալէդ առաջ ամենէն կերայ եւ օրհնեցի զանիկա։ Ա՛լ անշուշտ անիկա օրհնեալ պիտի ըլլայ»։ Երբ Եսաւ իր հօրը խօսքերը լսեց, խիստ մեծ ու դառն աղաղակով լացաւ եւ իր հօրը ըսաւ. «Զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՜վ հայր իմ»։ Անիկա ըսաւ. «Քու եղբայրդ եկաւ նենգութեամբ ու քու օրհնութիւնդ առաւ»։ Եսաւ ըսաւ. «Անոր անունը Յակոբ կոչուելո՞ւն համար է, որ երկու անգամ զիս խաբեց. իմ անդրանկութեան իրաւունքս առաւ եւ ահա հիմա օրհնութիւնս ալ առաւ»։ Նաեւ ըսաւ. «Ինծի համար օրհնութիւն մը չթողուցի՞ր»։ Եւ Իսահակ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Եսաւին. «Ահա զանիկա քեզի տէր ըրի եւ անոր բոլոր եղբայրները իրեն ծառաներ ըլլալու տուի ու զանիկա ցորենով ու գինիով հաստատեցի. ալ հիմա քեզի ի՞նչ ընեմ, որդեակ իմ»։ Եւ Եսաւ իր հօրը ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, քու օրհնութիւնդ միայն մէ՞կ է. զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՛վ հայր իմ»։ Ու Եսաւ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ։ Եւ իր հայրը Իսահակ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա քու բնակութիւնդ երկրի պարարտութենէն ու վերէն՝ երկնքի ցօղէն ըլլայ։ Քու սուրովդ ապրիս ու եղբօրդ ծառայութիւն ընես եւ եթէ անոր դէմ ապստամբիս՝ անոր լուծը քու պարանոցէդ կոտրես»։ Եւ Եսաւ ատեց Յակոբը այն օրհնութեան համար, որով իր հայրը օրհնեց զանիկա ու Եսաւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Իմ հօրս սուգին օրերը մօտ են, յետոյ իմ եղբայրս Յակոբը պիտի մեռցնեմ»։ Ռեբեկային պատմուեցան իր մեծ որդիին Եսաւին խօսքերը, ուստի իր պզտիկ որդին Յակոբը կանչել տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա քու եղբայրդ Եսաւ քեզ մեռցնել խորհելով ՝ քու վրայովդ ինքզինք կը մխիթարէ։ Հիմա, որդեա՛կ իմ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ ու ելի՛ր դէպի Խառան իմ Լաբան եղբօրս քով փախիր Եւ անոր քով կեցիր ատեն մը, մինչեւ եղբօրդ բարկութիւնը անցնի Ու քու անոր ըրածդ մոռնայ. ետքը քեզ անկէ բերել կու տամ. ինչո՞ւ ձեր երկուքէն ալ մէկ օրուան մէջ զրկուիմ»։ Եւ Ռեբեկա ըսաւ Իսահակին. «Քետի աղջիկներուն պատճառաւ հոգիէս զզուեր եմ. եթէ Յակոբ այս երկրին աղջիկներէն, ասոնց պէս Քետի աղջիկներէն, կին առնէ, ալ այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի»։ Իսահակ կանչեց Յակոբը, օրհնեց զանիկա եւ անոր պատուիրեց ու ըսաւ. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ։ Ելի՛ր, դէպի Միջագետք քու մօրդ հօրը Բաթուէլին տունը գնա եւ անկէ քու մօրդ եղբօրը Լաբանին աղջիկներէն քեզի կին առ Ու Ամենակարող Աստուածը քեզ օրհնէ ու քեզ աճեցնէ եւ քեզ շատցնէ ու շատ ժողովուրդներու հայր ըլլաս։ Եւ քեզի Աբրահամին օրհնութիւնը տայ, քեզի ու քեզի հետ քու սերունդիդ, որպէս զի ժառանգես քու պանդխտացած երկիրդ, որ Աստուած Աբրահամին տուաւ»։ Իսահակ ղրկեց Յակոբը եւ անիկա գնաց դէպի Միջագետք Ասորի Բաթուէլի որդիին Լաբանին, որ Յակոբին ու Եսաւին մօրը Ռեբեկային եղբայրն էր։ Եսաւ տեսնելով, որ Իսահակ օրհնեց Յակոբը ու ղրկեց զանիկա դէպի Միջագետք, անկէ իրեն կին առնելու համար եւ զանիկա օրհնած ատենը պատուիրեց անոր ըսելով. «Քանանի աղջիկներէն կին մի՛ առներ» Եւ Յակոբ հնազանդեցաւ իր հօրը ու մօրը ու Միջագետք գնաց։ Նաեւ Եսաւ տեսնելով, որ Քանանի աղջիկները իր հօրը Իսահակի հաճելի չեն, Այն ատեն Եսաւ Իսմայէլին գնաց եւ իր առաջուան կիներէն զատ՝ Աբրահամին որդիին Իսմայէլին աղջիկը Նաբէօթի քոյրը Մայէլէթը իրեն կին առաւ։ Յակոբ Բերսաբէէէն ելաւ դէպի Խառան գնաց։ Տեղ մը հասաւ ու գիշերը հոն մնաց, որովհետեւ արեւը մարը մտած էր եւ այն տեղի քարերէն առաւ ու իր գլխուն տակ դրաւ եւ այն տեղը պառկեցաւ։ Երազ մը տեսաւ։ Սանդուխ մը երկրի վրայ դրուած էր, որուն գլուխը երկինք կը հասնէր եւ ահա Աստուծոյ հրեշտակները անկէ կ’ելլէին ու կ’իջնէին։ Եւ ահա Տէրը կայնեցաւ անոր վրայ ու ըսաւ. «Ես եմ Եհովան, քու հօրդ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը։ Այդ երկիրը, որուն վրայ դուն կը պառկիս, քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ. Եւ քու սերունդդ երկրի աւազին չափ շատ պիտի ըլլայ ու դէպի արեւմուտք եւ արեւելք եւ դէպի հիւսիս ու հարաւ պիտի տարածուի ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով ու քու սերունդովդ պիտի օրհնուին։ Ահա ես քեզի հետ եմ ու ամէն ուր որ երթաս քեզ պիտի պահեմ ու քեզ այս երկիրը պիտի դարձնեմ. քանզի մինչեւ որ իմ քեզի ըսածս չընեմ, քեզ պիտի չթողում»։ Յակոբ արթնցաւ իր քունէն ու ըսաւ. «Իրաւցընէ Տէրը այս տեղ է եղեր ու ես չգիտցայ»։ Եւ վախցաւ ու ըսաւ. «Ի՞նչ ահաւոր է այս տեղը. այս ուրիշ բան չէ՝ բայց միայն Աստուծոյ տունը։ Այս է երկնքի դուռը»։ Յակոբ առտուն կանուխ ելաւ ու իր գլխուն տակ դրած քարը առաւ եւ զանիկա իբր արձան կանգնեցուց ու անոր գլուխը իւղ թափեց։ Եւ այն տեղին անունը Բեթէլ դրաւ. բայց առաջ այն քաղաքին անունը Լուզ էր։ Եւ Յակոբ ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ Աստուած ինծի հետ ըլլայ ու այս երթալու ճամբուս մէջ զիս պահէ ու ինծի ուտելու հաց ու հագնելու հանդերձ տայ Եւ իմ հօրս տունը խաղաղութեամբ դառնամ՝ Տէրը ինծի Աստուած թող ըլլայ Եւ այս քարը, որ ես իբր արձան կանգնեցուցի՝ Աստուծոյ տունը թող ըլլայ եւ այն ամենէն որ ինծի պիտի տաս, քեզի տասանորդ տամ»։ Եւ Յակոբ ճամբայ ելաւ՝ ՝ ու արեւելեան ժողովուրդներուն երկիրը հասաւ։ Եւ նայեցաւ ու ահա դաշտին մէջ հոր մը կար եւ որուն քով ոչխարներու երեք հօտ պառկեր էր. քանզի այն հորէն կը խմցնէին հօտերը ու հորին բերանը մեծ քար մը կար։ Բոլոր հօտերը հոն կը հաւաքուէին ու հովիւները հորին բերնէն քարը մէկդի կը գլորէին ու հօտերուն կը խմցնէին, ապա քարը նորէն իր տեղը՝ հորին բերանը կը դնէին։ Եւ Յակոբ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ եղբայրներս, ուրկէ՞ էք դուք»։ Անոնք ըսին. «Մենք Խառանէն ենք»։ Ըսաւ անոնց. «Նաքովրի որդին Լաբանը կը ճանչնա՞ք»։ Անոնք ըսին. «Կը ճանչնանք»։ Ըսաւ անոնց. «Ողջ առո՞ղջ է»։ Անոնք ըսին. «Ողջ է եւ ահա անոր Ռաքէլ աղջիկը ոչխարներուն հետ կու գայ»։ Անիկա ըսաւ. «Տակաւին իրիկուն ըլլալու շատ ատեն կայ եւ հօտերուն հաւաքուելու ատենը չէ. ոչխարներուն խմցուցէք, գացէք արածեցէ՛ք»։ Անոնք ըսին. «Մենք չենք կրնար, մինչեւ բոլոր հօտերը մէկտեղ հաւաքուին ու երբ հորին բերնի քարը մէկդի գլորեն, այն ատեն ոչխարներուն կը խմցնենք»։ Երբ տակաւին անոնց հետ կը խօսէր, Ռաքէլ իր հօրը ոչխարներուն հետ եկաւ. վասն զի անիկա էր անոնց հովիւը։ Երբ Յակոբ իր մօրեղբօրը Լաբանին Ռաքէլ աղջիկը ու իր մօրեղբօրը Լաբանին ոչխարները տեսաւ, այն ատեն Յակոբ մօտեցաւ, քարը հորին բերնէն գլորեց ու իր մօրեղբօրը Լաբանին ոչխարներուն խմցուց։ Եւ Յակոբ համբուրեց Ռաքէլը ու ձայնը վերցնելով լացաւ։ Յակոբ յայտնեց Ռաքէլին թէ ինք անոր հօրը ազգականը ու Ռեբեկային որդին է։ Ռաքէլ վազեց ու իր հօրը պատմեց։ Երբ Լաբան իր քրոջը որդիին Յակոբին վրայով լսեց, զանիկա դիմաւորելու վազեց եւ գրկեց ու համբուրեց զանիկա ու իր տունը տարաւ։ Յակոբ Լաբանին պատմեց բոլոր այս բաները։ Լաբան ըսաւ անոր. «Իրաւցընէ դուն իմ ոսկորս ու մարմինս ես» եւ անոր հետ լման ամիս մը կեցաւ։ Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Դուն իմ եղբայրս ըլլալուդ համար ինծի ձրի՞ պիտի ծառայես։ Ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ պիտի ըլլայ քու վարձքդ»։ Լաբան երկու աղջիկ ունէր, մեծին անունը Լիա ու պզտիկին անունը Ռաքէլ էր։ Լիային աչքերը տկար էին, բայց Ռաքէլ դէմքով ու տեսքով գեղեցիկ էր։ Յակոբ սիրեց Ռաքէլը ու ըսաւ. «Քու պզտիկ աղջկանդ Ռաքէլին համար եօթը տարի քեզի կը ծառայեմ»։ Լաբան ըսաւ. «Անիկա քեզի տալը ուրիշ մարդու մը տալէն աղէկ է. բնակէ ինծի հետ»։ Եւ Յակոբ Ռաքէլին համար եօթը տարի ծառայեց ու զանիկա սիրելուն պատճառաւ իրեն քանի մը օրուան չափ երեւցաւ։ Եւ Յակոբ ըսաւ Լաբանին. «Իմ կինս տուր. քանզի օրերս լեցուած են, որպէս զի անոր մտնեմ»։ Եւ Լաբան այն տեղին բոլոր մարդիկը հաւաքեց ու խնճոյք ըրաւ։ Սակայն իրիկունը իր Լիա աղջիկը առաւ եւ անոր բերաւ։ Անիկա անոր մտաւ։ Եւ Լաբան իր աղախինը Զեղփան իր աղջկան Լիային իբր աղախին տուաւ։ Առտուն՝ ահա անիկա Լիան էր։ Յակոբ Լաբանին ըսաւ. «Ի՞նչ է այս քու ինծի ըրածդ. ես քեզի Ռաքէլին համար չծառայեցի՞. ուստի ինչո՞ւ զիս խաբեցիր»։ Լաբան ըսաւ. «Մեր երկրին մէջ այսպիսի բան չըլլար, պզտիկը մեծէն առաջ տալ։ Լմնցուր ասոր հարսանիքին շաբաթը եւ ինծի եօթը տարի ալ ծառայելուդ համար՝ զայն ալ քեզի տամ»։ Յակոբ այնպէս ըրաւ ու Լիային շաբաթը լմնցուց։ Լաբան իր Ռաքէլ աղջիկը անոր կին ըլլալու տուաւ։ Լաբան իր Բաղղա աղախինը իր աղջկան Ռաքէլին իբր աղախին տուաւ։ Յակոբ Ռաքէլին ալ մտաւ, բայց Ռաքէլը Լիայէն աւելի սիրեց։ Յակոբ եօթը տարի ալ ծառայեց Լաբանին ։ Տէրը, երբ Լիային ատելի ըլլալը տեսաւ, անոր արգանդը բացաւ. բայց Ռաքէլ ամուլ էր։ Լիա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Ռուբէն դրաւ. քանզի ըսաւ. «Տէրը իմ տառապանքիս նայելուն համար, ասկէ ետեւ այրս զիս պիտի սիրէ»։ Նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ Տէրը իմ ատելի ըլլալս լսեց, անոր համար ինծի այս որդին ալ տուաւ»։ Անոր անունը Շմաւոն դրաւ։ Եւ դարձեալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ ու ըսաւ. «Հիմա այս անգամ այրս ինծի հետ պիտի միաւորի, քանզի երեք որդի ծնայ իրեն»։ Անոր համար անոր անունը Ղեւի դրաւ։ Եւ անգամ մըն ալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ ըսաւ. «Այս անգամ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն»։ Անոր համար անոր անունը Յուդա դրաւ ու դադարեցաւ ծնանելէ։ Երբ Ռաքէլ տեսաւ, որ ինք Յակոբին զաւակներ չծնաւ, իր քրոջ նախանձեցաւ ու Յակոբին ըսաւ. «Ինծի զաւակներ տուր, եթէ ոչ՝ կը մեռնիմ»։ Յակոբին բարկութիւնը բորբոքեցաւ Ռաքէլին դէմ ու ըսաւ. «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ, որ արգանդի պտուղը քեզմէ արգիլեց»։ Ռաքէլ ըսաւ. «Ահա իմ աղախինս Բաղղա, անոր մտիր ու անիկա իմ ծունկերուս վրայ ծնանի եւ ես ալ անկէ որդիներ ստանամ»։ Իր Բաղղա աղախինը անոր կին ըլլալու տուաւ։ Յակոբ անոր մտաւ։ Բաղղա յղացաւ ու Յակոբին որդի մը ծնաւ։ Ռաքէլ ըսաւ. «Աստուած ինծի դատաստան ըրաւ ու իմ ձայնս ալ լսեց եւ ինծի որդի մը տուաւ»։ Անոր համար անոր անունը Դան դրաւ։ Ռաքէլի աղախինը Բաղղա դարձեալ յղացաւ ու Յակոբին երկրորդ որդի մը ծնաւ։ Եւ Ռաքէլ ըսաւ. «Իմ քրոջս հետ մեծ ըմբշամարտութիւնով մարտնչեցայ եւ յաղթեցի»։ Ու անոր անունը Նեփթաղիմ դրաւ։ Երբ Լիա տեսաւ, որ ինք ծնանելէ դադարեցաւ, իր աղախինը Զեփղան առաւ ու Յակոբին կին ըլլալու տուաւ զանիկա։ Լիային աղախինը Զեփղա Յակոբին որդի մը ծնաւ։ Լիա ըսաւ. «Բաղդս յաջողեցաւ»։ Ու անոր անունը Գադ դրաւ։ Լիային աղախինը Զեփղա երկրորդ որդի մը ծնաւ Յակոբին։ Լիա ըսաւ. «Երանելի եմ ես. քանզի աղջիկները ինծի երանի՜ պիտի ըսեն»։ Ու անոր անունը Ասեր դրաւ։ Ռուբէն գնաց ցորենի հունձքի օրերը ու արտին մէջ մանրագորներ գտաւ ու իր մօրը Լիային բերաւ։ Ռաքէլ ըսաւ Լիային. «Կ’աղաչեմ, տո՛ւր ինծի որդիիդ մանրագորներէն»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Իմ այրս առնելդ քի՞չ եկաւ, որ իմ որդիիս մանրագորներն ալ պիտի առնես»։ Ռաքէլ ըսաւ. «Ուստի քու որդիիդ մանրագորներուն համար այս գիշեր քեզի հետ թող պառկի»։ Իրիկունը երբ Յակոբ դաշտէն կու գար, Լիա զանիկա դիմաւորելու ելաւ ու ըսաւ. «Ինծի պիտի մտնես, քանզի իրաւցընէ վարձքով առի քեզ իմ որդիիս մանրագորներովը»։ Այն գիշեր անոր հետ պառկեցաւ։ Եւ Աստուած լսեց Լիային ձայնը ու յղացաւ ու Յակոբին հինգերորդ որդի մը ծնաւ։ Եւ Լիա ըսաւ. «Աստուած ինծի վարձք տուաւ, որովհետեւ աղախինս իմ էրկանս տուի»։ Անոր անունը Իսաքար դրաւ։ Լիա նորէն յղացաւ ու Յակոբին վեցերորդ որդի մը ծնաւ։ Եւ Լիա ըսաւ. «Աստուած ինծի բարի պարգեւ մը պարգեւեց. այս անգամ այրս ինծի հետ պիտի բնակի, որովհետեւ իրեն վեց որդի ծնայ»։ Անոր անունը Զաբուղոն դրաւ։ Անկէ յետոյ աղջիկ մը ծնաւ ու անոր անունը Դինա դրաւ։ Եւ Աստուած յիշեց Ռաքէլը ու Աստուած լսեց անոր աղօթքը եւ անոր արգանդը բացաւ Ու յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ ըսաւ. «Աստուած իմ նախատինքս վերցուց» Եւ անոր անունը Յովսէփ դրաւ ու ըսաւ. «Տէրը ինծի ուրիշ որդի մըն ալ պիտի աւելցնէ»։ Երբ Ռաքէլ Յովսէփը ծնաւ, Յակոբ ըսաւ Լաբանին. «Թող տուր որ իմ տեղս ու իմ երկիրս երթամ. Իմ կիներս ու տղաքներս, որոնց համար քեզի ծառայեցի, տո՛ւր ինծի որ երթամ. քանզի քեզի ըրած ծառայութիւնս դուն գիտես»։ Լաբան ըսաւ անոր. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ քեզի, կեցի՛ր. քանզի փորձով գիտցայ՝ ՝ որ Տէրը քեզի համար զիս օրհնեց» Եւ ըսաւ. «Քու վարձքդ ինծի իմացուր ու պիտի վճարեմ»։ Յակոբ ըսաւ անոր. «Դուն գիտես թէ ես ի՛նչպէս ծառայեցի քեզի, քու անասուններդ ի՛նչպէս էին իմ քովս. Վասն զի իմ գալէս առաջ քիչ էր քու ունեցածդ եւ խիստ շատցաւ ու Տէրը քեզ օրհնեց իմ գալովս եւ հիմա ես ալ իմ տանս համար ե՞րբ պիտի աշխատիմ»։ Անիկա ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ տամ»։ Յակոբ ըսաւ. «Ինծի բան մը մի՛ տար. եթէ այս բանը ինծի ընես, նորէն քու հօտերդ կ’արածեմ ու կը պահեմ։ Այսօր քու բոլոր հօտերուդ մէջէն անցնիմ, անկէ ամէն պիսակ ու խայտախարիւ ոչխարը եւ ամէն սեւ ոչխարը ու խայտախարիւ եւ պիսակ այծերը զատեմ ու իմ վարձքս անոնք ըլլան։ Եւ ասկէ ետեւ՝ իմ արդարութիւնս քու առջեւդ պիտի յայտնուի, երբ իմ վարձքիս հոգ տանիս։ Իմ քովս գտնուած ամէն պիսակ ու խայտախարիւ չեղած այծ ու սեւ չեղած ոչխար գողցուած սեպուի»։ Եւ Լաբան ըսաւ. «Թող քու ըսածիդ պէս ըլլայ»։ Այն օրը զատեց բոլորախայտ ու խայտախարիւ նոխազները եւ բոլոր պիսակ ու խայտախարիւ էգ այծերը եւ ամէն ճերմակ ունեցողը ու բոլոր սեւ ոչխարները եւ իր որդիներուն ձեռքը տուաւ։ Եւ իր ու Յակոբին մէջտեղ երեք օրուան ճամբայի միջոց մը դրաւ։ Յակոբ Լաբանին մնացած հօտերը կ’արածէր։ Յակոբ իրեն դալար կաղամախի եւ նուշի ու սօսիի գաւազաններ առաւ եւ անոնց կեղեւները տեղ տեղ հանեց, այնպէս որ գաւազաններուն մէջ եղած ճերմակը կ’երեւնար։ Եւ իր կեղուած գաւազանները ջուր խմցնելու աւազաններուն մէջ դրաւ, որպէս զի երբ հօտերը ջուր խմելու գան, այն գաւազանները ոչխարներուն առջեւ ըլլան եւ անոնք՝ խմելու եկած ատենին տաքնան։ Ու ոչխարները գաւազաններուն առջեւ տաքնալով՝ բոլորախայտ, պիսակ եւ խայտախարիւ գառներ կը ծնանէին։ Եւ Յակոբ կը զատէր գառները ու հօտերուն երեսը Լաբանի հօտերուն մէջ եղած բոլորախայտ ու ամէն սեւ ոչխարներուն կը դարձնէր եւ իր հօտերը զատ դրաւ ու զանոնք Լաբանի հօտերուն քով չդրաւ։ Երբ զօրաւոր ոչխարները կը տաքնային, Յակոբ այն գաւազանները ոչխարներուն աչքին առջեւ՝ աւազաններուն մէջ կը դնէր, որպէս զի գաւազաններուն առջեւ տաքնան։ Բայց տկար ոչխարներուն չէր դներ. այսպէս տկարները Լաբանին ու զօրաւորները՝ Յակոբին կ’ըլլային։ Եւ Յակոբ խիստ հարստացաւ եւ շատ հօտեր եւ աղախիններ ու ծառաներ եւ ուղտեր ու էշեր ունեցաւ։ Յակոբ լսեց Լաբանի որդիներուն խօսածները, որոնք կ’ըսէին. «Յակոբ մեր հօրը բոլոր ունեցածը առաւ ու բոլոր այս հարստութիւնը մեր հօրը ստացուածքէն ստացաւ»։ Յակոբ Լաբանին երեսը տեսաւ եւ ահա իրեն երէկուան ու միւս օրուան պէս չէր։ Տէրը ըսաւ Յակոբին. «Քու հայրերուդ երկիրը ու քու ազգականներուդ դարձիր ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։ Յակոբ մէկը ղրկեց ու Ռաքէլը եւ Լիան դաշտը իր հօտերուն քով կանչել տուաւ Ու ըսաւ անոնց. «Ես ձեր հօրը երեսը կը տեսնեմ, որ ինծի երէկուան ու միւս օրուան պէս չէ. բայց իմ հօրս Աստուածը ինծի հետ եղաւ։ Եւ դուք գիտէք, որ ես իմ բոլոր զօրութիւնովս ձեր հօրը ծառայեցի. Իսկ ձեր հայրը զիս խաբեց ու իմ վարձքս տասը անգամ փոխեց. բայց Աստուած չթողուց զանիկա, որ ինծի վնաս մը հասցնէ։ Վասն զի եթէ անիկա այսպէս ըսէր՝ ‘Քու վարձքդ պիսակները ըլլան’, այն ատեն բոլոր ոչխարները պիսակ պիտի ծնանէին եւ եթէ այսպէս ըսէր՝ ‘Քու վարձքդ բոլորախայտները ըլլան’, այն ատեն բոլոր ոչխարները բոլորախայտ պիտի ծնանէին։ Այսպէս Աստուած ձեր հօրը հօտերը առաւ ու ինծի տուաւ։ Եւ եղաւ որ հօտերուն ջերմացած ատենը, աչքերս վերցուցի ու երազի մէջ տեսայ եւ ահա հօտերուն հետ զուգաւորող նոխազները ու խոյերը ամէնքն ալ խայտախարիւ, պիսակ եւ գորշախայտ էին։ Եւ Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ ինծի երազի մէջ. ‘Ո՛վ Յակոբ’ ու ես ըսի՝ ‘Ահա հոս եմ’։ Եւ ըսաւ. ‘Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու հօտերուն հետ զուգաւորող նոխազներուն նայէ. քանզի Լաբանին բոլոր քեզի ըրածները տեսայ։ Ես եմ Բեթէլի Աստուածը, ուր արձան օծեցիր եւ հոն ինծի ուխտ ըրիր։ Հիմա ելի՛ր գնա այս երկրէն ու քու ծննդեանդ երկիրը դարձիր’»։ Ռաքէլ ու Լիա պատասխան տուին ու ըսին. «Տակաւին մեր հօրը տունը մեզի համար բաժին ու ժառանգութիւն կա՞յ։ Մենք օտարականներ չսեպուեցա՞նք անոր, քանզի մեզ ծախեց ու մեր ստակն ալ բոլորովին կերաւ։ Վասն զի բոլոր հարստութիւնը որ Աստուած մեր հօրմէն վերցուց, մերն է ու մեր զաւակներունն է եւ հիմա ինչ որ Աստուած քեզի ըսաւ, ըրէ՛»։ Ուստի Յակոբ ելաւ ու իր որդիները ու կիները ուղտերու վրայ հեծցուց Եւ իր բոլոր անասունները ու իր բոլոր ստացուածքը որ ինք ստացաւ, իր ստացած անասունները, որոնք Միջագետքի մէջ ստացաւ, ճամբայ հանեց Քանանի երկիրը՝ դէպի իր Իսահակ հայրը երթալու։ Լաբան իր խաշինքը ասրակտուր ընելու գացեր էր ու Ռաքէլ իր հօրը կուռքերը գողցաւ։ Յակոբ Ասորի Լաբանէն գաղտուկ փախաւ՝ ՝, քանզի իր փախչիլը չգիտցուց անոր։ Այսպէս անիկա իր բոլոր ունեցածովը փախաւ ու ելաւ ու Գետէն անցաւ եւ իր երեսը դէպի Գաղաադ լեռը շտկեց։ Երրորդ օրը Յակոբին փախչիլը Լաբանին պատմուեցաւ։ Անիկա իր եղբայրները հետը առնելով, անոր ետեւէն եօթը օրուայ ճամբայ գնաց ու անոր հասաւ Գաղաադ լեռը։ Աստուած գիշերը երազի մէջ Ասորի Լաբանին եկաւ ու ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցիր որ Յակոբին աղէկ կամ գէշ չխօսիս»։ Երբ Լաբան հասաւ Յակոբին, ան իր վրանը լեռը կանգնեցուցեր էր։ Լաբան իր եղբայրներուն հետ Գաղաադ լեռը ելաւ։ Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Ի՞նչ է այս քու ըրածդ, որ ինծմէ գաղտուկ փախար եւ իմ աղջիկներս սուրով առնուած գերիներու պէս վարեցիր։ Ինչո՞ւ փախչիլդ գաղտուկ պահեցիր եւ ինծմէ փախար ու ինծի չիմացուցիր, որ ես քեզ ուրախութեամբ ու երգերով, թմբուկներով ու քնարներով ղրկէի։ Եւ չթողուցիր, որ իմ որդիներս ու աղջիկներս համբուրէի. հիմա այս բանը անմտութեամբ ըրիր։ Ձեզի չարիք ընելու զօրութիւնը ունիմ, բայց ձեր հօրը Աստուածը երէկ գիշեր ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զգո՛յշ կեցիր, որ Յակոբին աղէկ կամ գէշ չխօսիս’։ Եւ հիմա՝ թէպէտեւ քու հօրդ տունը կարօտցած ըլլալուդ համար գացիր, բայց ինչո՞ւ իմ աստուածներս գողցար»։ Եւ Յակոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Լաբանին. « Գաղտուկ երթալուս պատճառը այն էր, որ վախցայ, քանզի ըսի. ‘Չըլլայ որ քու աղջիկներդ բռնութեամբ ինծմէ առնես’. Բայց քու աստուածներդ որու քով որ գտնես, թող անիկա չապրի։ Մեր եղբայրներուն առջեւ քննէ ու նայէ՛, եթէ իմ քովս քու մէկ բանդ գտնես ՝ ա՛ռ». քանզի Յակոբ չէր գիտեր թէ Ռաքէլ գողցեր էր զանոնք։ Լաբան Յակոբին վրանը ու Լիային վրանը եւ երկու աղախիններուն վրանը մտաւ, բայց չգտաւ. ետքը Լիային վրանէն ելաւ ու Ռաքէլին վրանը մտաւ։ Ռաքէլ առաւ կուռքերը ու զանոնք ուղտի պատատին մէջ դրաւ ու վրան նստաւ. Լաբան բոլոր վրանը փնտռեց, բայց չգտաւ։ Եւ անիկա իր հօրը ըսաւ. «Իմ տիրոջս աչքերուն ծանր չերեւնայ, որ քու առջեւդ չեմ կրնար ոտքի ելլել. քանզի կանանց սովորութեանը մէջ եմ»։ Այսպէս փնտռեց, բայց կուռքերը չգտաւ։ Յակոբ բարկացաւ ու Լաբանին հետ կը վիճէր։ Յակոբ պատասխան տուաւ ու Լաբանին ըսաւ. «Ի՞նչ է իմ յանցանքս, ի՞նչ է իմ մեղքս, որ տաքութիւնով ետեւէս ինկար։ Քանի որ իմ բոլոր կարասիներս խառնեցիր, քու տանդ ամէն կարասիքէն ինչ որ գտար, իմ եղբայրներուս ու քու եղբայրներուդ առջեւ դիր, որպէս զի երկուքիս մէջտեղ դատաստան կտրեն։ Լման քսան տարի է, որ քեզի հետ եմ. ոչխարներդ ու այծերդ չվիժեցան եւ քու հոտիդ խոյերը չկերայ։ Գազաններէն գիշատուածը չբերի քեզի, վնասը ես կը քաշէի. ցորեկը գողցուածը ու գիշերը գողցուածը իմ ձեռքէս կը պահանջէիր։ Այսպէս էի. ցորեկը տաքը ու գիշերը ցուրտը կը մաշէր զիս եւ աչքերէս քունս կը փախչէր։ Այսպէս եղայ քսան տարի քու տանդ մէջ. քու երկու աղջիկներուդ համար տասնըչորս տարի ծառայեցի քեզի եւ հօտերուդ համար վեց տարի ծառայեցի եւ իմ վարձքս տասը անգամ փոխեցիր։ Եթէ իմ հօրս Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Երկիւղը ինծի հետ չըլլային, իրաւցընէ զիս հիմա դատարկ կը ղրկէիր։ Աստուած իմ տառապանքս ու իմ ձեռքիս աշխատութիւնը տեսաւ ու երէկ գիշեր քեզ յանդիմանեց»։ Լաբան պատասխան տուաւ ու ըսաւ Յակոբին. «Այս աղջիկները իմ աղջիկներս են եւ այս որդիները իմ որդիներս են եւ այս հօտերը իմ հօտերս են եւ ինչ որ կը տեսնես, իմս են։ Ի՞նչ ընեմ այսօր այս իմ աղջիկներուս կամ իրենց ծնած զաւակներուն։ Ուստի հիմա եկուր, ես ու դուն ուխտ ընենք, որ իմ ու քու մէջտեղ վկայութեան համար ըլլայ»։ Յակոբ քար մը առաւ ու իբր արձան կանգնեցուց։ Յակոբ իր ազգականներուն ըսաւ. «Քարեր հաւաքեցէ՛ք»։ Անոնք քարեր առին ու դիզեցին եւ հոն դէզին վրայ հաց կերան։ Լաբան անոր անունը Եկար Սահատութա դրաւ, բայց Յակոբ անոր անունը Գաղաադ դրաւ։ Լաբան ըսաւ. «Այս դէզը իմ ու քու մէջտեղ վկայ մըն է այսօր». անոր համար անոր անունը Գաղաադ ըսուեցաւ։ Եւ Մասփա ալ ըսուեցաւ. քանզի ըսաւ. «Մեր՝ իրարմէ զատուած ատենը՝ իմ ու քու մէջտեղ Տէրը դիտէ։ Եթէ իմ աղջիկներս վշտացնես եւ կամ եթէ իմ աղջիկներուս վրայ ուրիշ կիներ առնես, մեզի հետ մէկը չկայ. ահա իմ ու քու մէջտեղ վկայ Աստուած է»։ Եւ Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Ահա այս դէզը եւ ահա մեր մէջտեղ իմ կանգնեցուցած արձանս։ Այս դէզը վկայ ու այս արձանը վկայ ըլլան, որ այս դէզէն չանցնիմ քեզի գալու եւ դուն այս դէզէն ու այս արձանէն չանցնիս ինծի գալու, չարիք ընելու համար։ Աբրահամին Աստուածը եւ Նաքովրին Աստուածը, անոնց հայրերուն Աստուածը մեր մէջ դատաւոր ըլլայ». Յակոբ իր հօրը Իսահակին Երկիւղովը երդում ըրաւ։ Յակոբ զոհեր մատուցանեց լերանը վրայ ու իր ազգականները հաց ուտելու հրաւիրեց եւ հաց կերան ու գիշերը լեռը մնացին։ Եւ Լաբան առտուն կանուխ ելաւ ու իր որդիները ու իր աղջիկները համբուրեց ու օրհնեց զանոնք։ Ապա Լաբան գնաց ու իր տեղը դարձաւ։ Յակոբ իր ճամբան գնաց ու Աստուծոյ հրեշտակները անոր պատահեցան։ Յակոբ երբ տեսաւ զանոնք, ըսաւ. «Այս Աստուծոյ բանակն է» եւ այն տեղին անունը Մանայիմ դրաւ։ Յակոբ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց իր եղբօրը Եսաւին՝ դէպի Սէիր երկիրը, Եդովմի գաւառը. Եւ պատուիրեց անոնց՝ ըսելով. «Իմ տիրոջս Եսաւին այսպէս ըսէք. ‘Քու ծառադ Յակոբ այսպէս կ’ըսէ. Լաբանին քով պանդխտութիւն ըրի ու մինչեւ հիմա ուշացայ. Ես ունիմ արջառներ ու էշեր, հօտեր ու ծառաներ եւ աղախիններ եւ ղրկեցի իմ տիրոջս իմացնելու, որպէս զի քու առջեւդ շնորհք գտնեմ’»։ Եւ պատգամաւորները դարձան Յակոբին ու ըսին. «Քու եղբօրդ Եսաւին գացինք ու անիկա ալ չորս հարիւր մարդով քեզ դիմաւորելու կու գայ»։ Յակոբ խիստ վախցաւ ու խռովեցաւ։ Իրեն հետ եղած ժողովուրդը ու հօտերը եւ արջառները եւ ուղտերը երկու խումբի բաժնեց Ու ըսաւ. «Եթէ Եսաւ մէկ խումբին հասնի ու զայն զարնելու ըլլայ, միւս խումբը կ’ազատի»։ Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ո՛վ իմ հօրս Աբրահամին Աստուածը ու իմ հօրս Իսահակին Աստուածը, ո՛վ Տէր, որ ըսիր ինծի՝ ‘Քու երկիրդ ու քու հայրենիքդ դարձիր ու քեզի բարիք ընեմ’. Արժանի չեմ այն ամէն ողորմութիւններուն եւ ամէն հաւատարմութեանը, որ դուն քու ծառայիդ ցուցուցիր, քանզի իմ գաւազանովս անցայ այս Յորդանանէն եւ հիմա երկու խումբի տէր եղայ։ Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս իմ եղբօրս Եսաւին ձեռքէն. որովհետեւ ես անկէ կը վախնամ, որ չըլլայ թէ գայ ու զարնէ զիս ու մայրը տղաքներովը։ Դուն ըսիր թէ՝ ‘Անշուշտ քեզի բարիք պիտի ընեմ ու քու սերունդդ ծովի աւազին չափ պիտի ընեմ, որ շատութենէն չհամրուիր’»։ Այն գիշերը հոն կեցաւ ու իր ձեռքը գտնուածէն իր եղբօրը Եսաւին համար ընծաներ պատրաստեց։ Երկու հարիւր այծ եւ քսան նոխազ, երկու հարիւր էգ ոչխար եւ քսան խոյ, Երեսուն ծիծ տուող ուղտ իրենց ձագերովը, քառասուն կով ու տասը ցուլ, քսան էգ էշ եւ տասը աւանակ։ Ամէն մէկ հօտը զատ զատ իր ծառաներուն ձեռքը յանձնեց ու ըսաւ իր ծառաներուն. «Առջեւս անցէք ու հօտերը իրարմէ քիչ մը հեռու թողուցէք»։ Առջեւէն գացողին պատուիրեց՝ ըսելով. «Երբ իմ եղբայրս Եսաւ քեզի պատահի ու հարցնէ, ըսելով՝ ‘Դուն որո՞ւնն ես եւ ո՞ւր կ’երթաս եւ այս առջեւդ եղածները որո՞ւնն են’. Այն ատեն ըսէ թէ քու ծառայիդ Յակոբինն է, իմ տիրոջս Եսաւին ղրկած ընծան է եւ ահա ինք ալ ետեւնիս է»։ Եւ այսպէս երկրորդին ու երրորդին եւ հօտերուն ետեւէն բոլոր գացողներուն պատուիրեց՝ ըսելով. «Այս խօսքին պէս ըսէք Եսաւին երբ որ զինք գտնէք, Ահա քու ծառադ Յակոբ ալ ետեւնիս է»։ Քանզի ըսաւ. «Առջեւէս գացող ընծաներով անոր երեսը կը կակուղցնեմ եւ անկէ ետքը անոր երեսը կը տեսնեմ. թերեւս զիս ընդունի»։ Այսպէս ընծաները անոր առջեւէն գացին, իսկ ինք այն գիշերը հոն մնաց բանակին մէջ։ Նոյն գիշերը ելաւ ու իր երկու կիները եւ իր երկու աղախինները ու իր տասնըմէկ որդիները առաւ եւ Յաբոկի անցքէն անցաւ։ Առաւ զանոնք ու վտակէն անցուց եւ իր բոլոր ունեցածը անցուց։ Յակոբ մինակ մնաց ու մարդ մը կը գօտեմարտէր անոր հետ մինչեւ արշալոյս Եւ երբ մարդը տեսաւ թէ անոր չյաղթեց, անոր զիստին ամոլաջիլին դպաւ եւ անոր հետ գօտեմարտած ատենը Յակոբին զստին ամոլաջիլը խախտեցաւ։ Եւ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, քանզի արշալոյսը երեւցաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Չեմ թողուր քեզ, մինչեւ որ զիս չօրհնես»։ Անիկա ըսաւ իրեն. «Ի՞նչ է անունդ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յակոբ է»։ Անիկա ըսաւ. «Ալ անգամ մըն ալ քու անունդ Յակոբ չըսուի, հապա Իսրայէլ. վասն զի Աստուծոյ հետ ու մարդոց հետ մարտնչեցար եւ յաղթեցիր»։ Եւ Յակոբ հարցուց ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, անունդ ըսէ ինծի »։ Անիկա ըսաւ. «Ինչո՞ւ իմ անունս կը հարցնես» եւ հոն օրհնեց զանիկա։ Յակոբ այն տեղին անունը Փանուէլ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած դէմ առ դէմ տեսայ ու իմ անձս ողջ մնաց»։ Եւ Փանուէլէն անցածին պէս արեւը անոր վրայ ծագեցաւ ու իր զստին վրայ կը կաղար։ Անոր համար Իսրայէլի որդիները զստին վրայի թմրած ջիղը՝ ՝ չեն ուտեր մինչեւ այսօր, որովհետեւ Յակոբին զստին թմրած ջիղին՝ ՝ դպաւ։ Յակոբ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա Եսաւ կու գար ու անոր հետ չորս հարիւր մարդ, ուստի իր զաւակները Լիային, Ռաքէլին ու երկու աղախիններուն բաժնեց։ Աղախինները իրենց զաւակներովը առջեւը դրաւ եւ Լիան իր զաւակներովը ետեւը եւ Ռաքէլը ու Յովսէփը ամենէն ետեւը։ Իսկ ինք անոնց առջեւ անցաւ ու մինչեւ իր եղբօրը մօտենալը, գետնին հաւասար եօթը անգամ խոնարհութիւն ըրաւ։ Եսաւ զանիկա դիմաւորելու վազեց ու գրկեց զանիկա եւ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա եւ լացին։ Եսաւ իր աչքերը վերցուց ու տեսաւ կիները ու զաւակները եւ ըսաւ. «Ասոնք քու ի՞նչդ են»։ Անիկա ըսաւ. «Աստուծոյ քու ծառայիդ պարգեւած զաւակներն են»։ Այն ատեն աղախինները ու անոնց զաւակները մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին Եւ Լիա ալ ու իր զաւակները մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին եւ ետքը Յովսէփ ու Ռաքէլ մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին։ Ու Եսաւ ըսաւ. «Այս քու միւս խումբդ ի՞նչ պիտի ըլլայ, որուն ես հանդիպեցայ». Յակոբ ըսաւ. «Իմ տիրոջս առջեւ շնորհք գտնելու համար է»։ Եսաւ ըսաւ. «Ես շատ ունիմ, եղբայր իմ, քուկդ քեզի ըլլայ»։ Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ո՛չ, կ’աղաչեմ քեզի, եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, իմ ձեռքէս ընծաս ընդունէ. քանզի քու երեսդ Աստուծոյ երեսը տեսնելու պէս տեսայ եւ ինծի հաճեցար։ Շնորհք ըրէ՛, քեզի բերուած ընծաս ա՛ռ. քանզի Աստուած ողորմեցաւ ինծի եւ քանզի ես ամէն բան ունիմ»։ Ստիպեց, մինչեւ որ ան ալ ընդունեց։ Անիկա ըսաւ. «Ելլենք երթանք ու ես քու առջեւէդ կ’երթամ»։ Յակոբ ըսաւ անոր. «Իմ տէրս գիտէ որ զաւակները մատղաշ են ու ինծի հետ եղած հօտերն ու արջառները ձագերով են, եթէ մէկ օր բռնութեամբ վարեն զանոնք, բոլոր հօտերը պիտի մեռնին։ Ուստի թող իմ տէրս իր ծառային առջեւ անցնի ու ես կամաց կամաց առջեւս եղած անասուններուն ոտքովը ու տղաքներուն ոտքովը քալեմ, մինչեւ իմ տիրոջս Սէիր հասնիմ»։ Եսաւ ըսաւ. «Արդ ինծի հետ եղող ժողովուրդէն մաս մը քու քովդ ձգեմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչ պէտք է. թող իմ տիրոջս առջեւ շնորհք գտնեմ»։ Այսպէս Եսաւ այն օրը իր ճամբան դարձաւ դէպի Սէիր։ Եւ Յակոբ Սոկքովթ չուեց ու իրեն տուն մը շինեց եւ իր հօտերուն փարախներ շինեց. անոր համար այն տեղին անունը Սոկքովթ կոչուեցաւ։ Յակոբ Միջագետքէն դարձած ատենը Սիւքեմացիներուն Սաղէմ քաղաքը հասաւ, որ Քանանի երկրին մէջ է եւ քաղաքին առջեւ բանակեցաւ։ Եւ իր վրանը կանգնած արտին մէկ մասը Սիւքէմին հօրը Եմովրի որդիներէն ծախու առաւ հարիւր կտոր ստակի՝ ՝։ Եւ հոն սեղան մը շինեց ու անունը Էլէլօհէ-Իսրայէլ՝ ՝ դրաւ։ Լիայի՝ Յակոբին ծնած՝ աղջիկը Դինա այն երկրին աղջիկները տեսնելու ելաւ։ Ու այն երկրին իշխանը Խեւացի Եմովրի որդին Սիւքէմ տեսաւ զանիկա եւ առաւ ու պառկեցաւ անոր հետ ու պղծեց զանիկա։ Անոր հոգին Յակոբին Դինա աղջկանը յարեցաւ ու սիրեց աղջիկը եւ աղջկան քաղցրութեամբ խօսեցաւ։ Սիւքէմ իր հօրը Եմովրին ըսաւ. «Այս աղջիկը ինծի կին առ»։ Յակոբ լսեց, որ անիկա իր Դինա աղջիկը պղծեց. բայց իր որդիները իր հօտերուն հետ դաշտն էին ու մինչեւ անոնց գալը Յակոբ լուռ կեցաւ։ Սիւքէմին հայրը՝ Եմովր՝ գնաց Յակոբին, որպէս զի անոր հետ խօսի։ Յակոբին որդիները լսածնուն պէս՝ դաշտէն եկան. զայրացան ու խիստ բարկացան. քանզի ան Յակոբին աղջկանը հետ պառկելով՝ Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ըրաւ, որ այսպէս ըլլալու չէր։ Եմովր խօսեցաւ անոնց հետ՝ ըսելով. «Իմ Սիւքէմ որդիիս հոգին ձեր աղջկան սիրահարեցաւ. կ’աղաչեմ ձեզի, զանիկա անոր կնութեան տուէք Եւ մեզի հետ խնամութիւն ըրէք. ձեր աղջիկները մեզի տուէք ու մեր աղջիկները ձեզի առէք Եւ մեզի հետ բնակեցէք ու այս երկիրը ձեր առջեւ թող ըլլայ. անոր մէջ բնակեցէք ու առուտուր ըրէք եւ անոր մէջ կալուածներ ստացէք»։ Սիւքէմ ըսաւ աղջկան հօրը ու անոր եղբայրներուն. «Թող ձեր առջեւ շնորհք գտնեմ եւ ինչ որ ինծի ըսէք, կու տամ։ Խնդրեցէ՛ք ինծմէ խիստ շատ օժիտ ու ընծայ ու ինծի ըսածնուդ պէս պիտի տամ. միայն թէ աղջիկը ինծի տուէք՝ կին ըլլալու համար»։ Եւ Յակոբին որդիները խաբէութեամբ պատասխան տուին Սիւքէմին ու անոր հօրը Եմովրին ու ըսին. (քանի որ անիկա իրենց Դինա քոյրը պղծեց.) «Մենք այս բանը չենք կրնար ընել, որ մեր քոյրը անթլփատ մարդու մը տանք. վասն զի այդ մեզի ամօթ բան է. Բայց միայն այն ատեն կը հաճինք ձեզի, երբ ձեր ամէն արուն թլփատուելով՝ մեզի պէս ըլլաք. Այն ատեն մեր աղջիկները ձեզի կու տանք եւ ձեր աղջիկները մեզի կ’առնենք ու ձեզի հետ կը բնակինք ու ձեզի հետ մէկ ժողովուրդ կ’ըլլանք։ Բայց եթէ մեզի մտիկ չընելով՝ չթլփատուիք, այն ատեն մենք մեր աղջիկը կ’առնենք ու կ’երթանք»։ Անոնց խօսքը հաճելի եղաւ Եմովրին ու Եմովրի որդիին Սիւքէմին։ Այն պատանին այս բանը ընելու չուշացաւ, քանզի Յակոբին աղջկանը զմայլած էր եւ իր հօրը տանը մէջ եղողներուն ամենէն պատուականն էր անիկա։ Եմովր եւ անոր որդին Սիւքէմ իրենց քաղաքին դուռը եկան ու իրենց քաղաքին մարդոցը հետ խօսեցան՝ ըսելով. «Այս մարդիկը խաղաղութեամբ կը վարուին մեզի հետ. ուստի թող այս երկրին մէջ բնակին ու անոր մէջ առուտուր ընեն, քանզի ահա երկիրը ընդարձակ է անոնց առջեւ. եկէ՛ք, անոնց աղջիկները մեզի կին առնենք եւ մեր աղջիկներն ալ անոնց տանք։ Բայց այն մարդիկը մեզի հետ բնակելու, մէկ ժողովուրդ ըլլալու համար միայն այս բանը կը պահանջեն մեզմէ, որ իրենց թլփատուելուն պէս, մեր ամէն արուն թլփատուի. Անոնց հօտերը ու անոնց ստացուածքը եւ ամէն անասունները մերը չե՞ն ըլլար. միայն թէ մենք անոնց հաճինք, որ մեզի հետ բնակին»։ Եմովրին եւ անոր որդիին Սիւքէմին մտիկ ըրին անոնք՝ որ անոր քաղաքին դռնէն դուրս կ’ըլլէին։ Ամէն արու, որ անոր քաղաքին դռնէն դուրս կ’ելլէր, թլփատուեցաւ։ Երրորդ օրը երբ անոնք ցաւի մէջ էին, Յակոբին երկու որդիները, Շմաւոն ու Ղեւի՝ Դինային եղբայրները՝ ամէն մէկը իր սուրը առաւ եւ համարձակ քաղաքը մտան ու սպաննեցին բոլոր արուները Եւ Եմովրը եւ անոր որդին Սիւքէմը սուրի բերնէ անցուցին եւ Սիւքէմին տունէն առին Դինան ու դուրս ելան։ Եւ Յակոբին որդիները սպաննուածներուն վրայ եկան ու քաղաքը կողոպտեցին իրենց քոյրը պղծելնուն համար։ Անոնց հօտերը ու անոնց արջառները ու էշերը եւ քաղաքին մէջ եղածը ու դաշտին մէջ եղածը առին Եւ անոնց բոլոր տղաքները ու կիները գերի առին եւ տուներուն մէջ բոլոր գտնուածը կողոպտեցին։ Յակոբ ըսաւ Շմաւոնին ու Ղեւիին. «Զիս այս երկրին բնակիչներուն, Քանանացիներուն ու Փերեզացիներուն մէջ ատելի ընելով՝ զիս փորձանքի մէջ ձգեցիք եւ ինծի հետ քիչ մարդիկ ըլլալով՝ անոնք իմ վրաս պիտի հաւաքուին ու զիս պիտի զարնեն եւ ես ու իմ տունս պիտի կորսուինք»։ Անոնք ըսին. «Հապա պէ՞տք էր, որ մեր քոյրը բոզի պէս գործածէին»։ Աստուած ըսաւ Յակոբին. «Ելի՛ր վեր, դէպի Բեթէլ գնա ու հոն բնակէ եւ հոն սեղան մը շինէ Աստուծոյ, որ քեզի երեւցաւ քու եղբօրդ Եսաւին երեսէն փախած ատենդ»։ Յակոբ իր ընտանիքին ու բոլոր իրեն հետ եղողներուն ըսաւ. «Ձեր մէջ եղող օտար աստուածները վերցուցէք ու մաքրուեցէք եւ հանդերձնիդ փոխեցէ՛ք Ու ելլելով դէպի Բեթէլ երթանք ու հոն սեղան մը շինեմ Աստուծոյ, որ իմ նեղութեանս օրը ինծի լսեց ու իմ գացած ճամբուս մէջ ինծի հետ էր»։ Անոնք իրենց ձեռքը եղած բոլոր օտար աստուածները ու իրենց ականջները եղած օղերը Յակոբին տուին։ Յակոբ թաղեց զանոնք Սիւքէմի մօտ եղած բեւեկնիին տակ։ Ապա ճամբայ ելան։ Իրենց բոլորտիքը եղած քաղաքներուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ, որով Յակոբի որդիներուն ետեւէն չինկան։ Յակոբ Քանանի երկրին մէջ եղող Լուզ, այսինքն Բեթէլ եկաւ, ինք ու իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդը։ Հոն սեղան մը շինեց ու այն տեղին անունը Էլ-Բեթէլ դրաւ, քանզի իր եղբօրը երեսէն փախած ատենը Աստուած հոն իրեն երեւցեր էր։ Ռեբեկային դայեակը՝ Դեբօրա մեռաւ ու Բեթէլի վարի կողմի կաղնիին տակ թաղուեցաւ։ Անոր անունը Ալօն Պախութ դրուեցաւ։ Աստուած նորէն երեւցաւ Յակոբին, երբ անիկա Միջագետքէն դարձեր էր եւ օրհնեց զանիկա։ Եւ Աստուած ըսաւ անոր. «Քու անունդ Յակոբ է. ա՛լ անգամ մըն ալ քու անունդ Յակոբ չըսուի, հապա Իսրայէլ ըլլայ քու անունդ» ու անոր անունը Իսրայէլ դրաւ։ Եւ Աստուած ըսաւ անոր. «Ես Ամենակարող Աստուածն եմ. աճիս ու շատնաս. քեզմէ ազգ ու ազգերու բազմութիւն թող ըլլայ եւ քու երանքէդ թագաւորներ ելլեն։ Այն երկիրը, որ Աբրահամին եւ Իսահակին տուի, քեզի պիտի տամ ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ պիտի տամ այն երկիրը»։ Աստուած այնտեղ, ուր անոր հետ խօսեցաւ, անոր քովէն վեր ելաւ։ Յակոբ քարէ արձան մը կանգնեցուց այն տեղ, ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ եւ անոր վրայ ըմպելի նուէր մատուցանեց ու անոր վրայ իւղ թափեց։ Յակոբ այն տեղին անունը, ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ, Բեթէլ դրաւ։ Ու Բեթէլէն ճամբայ ելան ու դեռ Եփրաթա չեկած քիչ մը ճամբայ մնալով՝ Ռաքէլ ծնաւ։ Ու երբ իր ծնանելուն շատ դժուարութիւն կը քաշէր, ծնուցիչը ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, քանզի աս ալ քեզի որդի է»։ Երբ անոր հոգին կ’ելլէր, (քանզի մեռաւ,) անոր անունը Բենօնի դրաւ. բայց անոր հայրը Բենիամին կոչեց զանիկա։ Ռաքէլ մեռաւ ու թաղուեցաւ Եփրաթայի ճամբան, որ Բեթլէհէմ է։ Յակոբ անոր գերեզմանին վրայ արձան մը կանգնեցուց, որ մինչեւ այսօր Ռաքէլի գերեզմանին արձանն է։ Իսրայէլ ճամբայ ելաւ եւ իր վրանը Միկտալեդերի անդիի կողմը կանգնեցուց։ Իսրայէլ այն երկիրը կը բնակէր, Ռուբէն գնաց ու իր հօրը Բաղղա հարճին հետ պառկեցաւ։ Իսրայէլ լսեց ասիկա ։ Արդ Յակոբին որդիները տասներկու էին. Լիային որդիները՝ Յակոբին անդրանիկը Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար ու Զաբուղոն. Ռաքէլին որդիները՝ Յովսէփ ու Բենիամին. Եւ Ռաքէլին Բաղղա աղախինին որդիները՝ Դան ու Նեփթաղիմ։ Եւ Լիային Զեղփա աղախինին որդիները՝ Գադ ու Ասեր։ Ասոնք են Յակոբին որդիները, որոնք Միջագետքի մէջ ծնան անոր։ Յակոբ եկաւ իր հօրը Իսահակին՝ դէպի Մամբրէ, Արբայի քաղաքը, այսինքն Քեբրոն, ուր Աբրահամ ու Իսահակ պանդխտութեամբ բնակեցան։ Իսահակին օրերը հարիւր ութսուն տարի եղան։ Իսահակ ծերացած ու օրերը լեցուած՝ աւանդեց հոգին ու մեռաւ եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ ու անոր որդիները Եսաւ ու Յակոբ թաղեցին զանիկա։ Ասոնք են Եսաւին ծնունդները որ է Եդովմ։ Եսաւ իրեն կիներ առաւ Քանանի աղջիկներէն, Քետացի Ելօնին աղջիկը՝ Ադդան ու Խեւացի Սեբեգօնին աղջկանը Անային աղջիկը՝ Ողիբաման Եւ Իսմայէլին աղջիկը՝ Նաբէօթին քոյրը՝ Բասեմաթը։ Եւ Ադդա ծնաւ Եսաւին՝ Եղիփազը ու Բասեմաթ ծնաւ Ռագուէլը։ Եւ Ողիբամա ծնաւ Յեուսը ու Յեղգոմը եւ Կորխը։ Ասոնք են Եսաւին որդիները, որոնք ծնան իրեն Քանանի երկրին մէջ։ Եսաւ առաւ իր կիներն ու տղաքները եւ աղջիկները ու իր տանը բոլոր մարդիկը եւ իր հօտերը ու իր բոլոր անասունները եւ իր բոլոր ստացուածքը, որ Քանանի երկրին մէջ ստացաւ եւ իր եղբօրը Յակոբին երեսէն ուրիշ երկիր մը գնաց, Քանզի իրենց ստացուածքին շատ ըլլալուն համար չէին կրնար մէկտեղ բնակիլ եւ իրենց հօտերուն պատճառաւ իրենց պանդխտութեամբ բնակած երկիրը բաւական չէր իրենց։ Եսաւ Սէիր լեռը բնակեցաւ։ Եսաւ Եդովմն է։ Սէիր լեռը եղող Եդովմայեցիներու հօր Եսաւին ծնունդները ասոնք են։ Եսաւին որդիներուն անունները ասոնք են. Եսաւին կնոջ Ադդային որդին Եղիփազ ու Եսաւին կնոջ Բասեմաթին որդին Ռագուէլ։ Եղիփազի որդիները Թեման, Օմար, Սեփով եւ Գոթամ ու Կենէզ էին։ Թամնա Եսաւին որդիին Եղիփազի հարճն էր, որ Եղիփազին Ամաղէկը ծնաւ, Եսաւին կնոջ Ադդային որդիները ասոնք էին։ Ռագուէլին որդիներն էին՝ Նահաթ, Զարա, Սամմա ու Մէզա։ Ասոնք էին Եսաւին կնոջ Բասեմաթին որդիները։ Եսաւին կնոջ Սեբեգօնի աղջկանը Անային աղջկանը Ողիմաբայի որդիները ասոնք են եւ Եսաւին ծնաւ՝ Յեուսը ու Յեգղոմը եւ Կորխը։ Եսաւին որդիներէն եղող իշխանները ասոնք են. Եսաւին անդրանիկին Եղիփազին որդիները՝ Թեման իշխան, Օմար իշխան, Սեփով իշխան, Կենէզ իշխան, Կորխ իշխան, Գոթամ իշխան, Ամաղէկ իշխան։ Եդովմի երկրին մէջ Եղիփազէն եղող իշխանները ասոնք են. ասոնք Ադդային որդիներն էին։ Եսաւի որդիին Ռագուէլին որդիները ասոնք են։ Նահաթ իշխան, Զարա իշխան, Սամմա իշխան, Մէզա իշխան։ Եդովմի երկրին մէջ Ռագուէլէն եղող իշխանները ասոնք են։ Եսաւին կնոջ Բասեմաթին որդիները ասոնք էին։ Եսաւին կնոջ Ողիմաբային որդիները ասոնք են՝ Յեուս իշխան, Յեղգոմ իշխան, Կորխ իշխան։ Եսաւին կնոջմէն Անային աղջիկը եղող Ողիմաբայէն ծնած իշխանները ասոնք էին։ Ասոնք են Եսաւին, այսինքն Եդովմին որդիները։ Ասոնք են անոնց իշխանները։ Ան երկրին մէջ բնակող Քոռեցի Սէիրի որդիները ասոնք են՝ Ղոտան եւ Սոբաղ ու Սեբեգօն եւ Անա Ու Դիսօն ու Եսեր եւ Դիսան։ Ասոնք էին Քոռեցիներու իշխանները, Սէիրի որդիները, Եդովմի երկրին մէջ։ Ղոտանի որդիները Քոռի ու Հեմամ էին ու Ղոտանի քոյրը Թամնա։ Սոբաղի որդիները ասոնք են՝ Գաղուան ու Մանաքաթ եւ Գեբաղ, Սեփով ու Օնամ։ Սեբեգօնի որդիները ասոնք են՝ Այիա ու Անա։ Աս այն Անան է, որ իր հօրը Սեբեգօնի էշերը արածած ատեն անապատին մէջ ջերմուկներ գտաւ։ Անայի որդիները ասոնք են՝ Դիսօն ու Անային աղջիկը Ողիբամա։ Դիսօնին որդիները ասոնք են. Ամադան ու Եսբան եւ Յեթրան ու Քառան։ Եսերին որդիները ասոնք են՝ Բաղղան ու Զաաւան եւ Ական։ Դիսանին որդիները ասոնք են՝ Հուս ու Առան։ Քոռեցիներուն իշխանները ասոնք են՝ Ղոտան իշխան, Սոբաղ իշխան, Սեբեգօն իշխան, Անա իշխան, Դիսօն իշխան, Եսեր իշխան, Դիսան իշխան. ասոնք են Քոռեցիներու իշխանները Սէիրի երկրին մէջ՝ իրենց իշխանութեան գաւառներուն համեմատ։ Ասոնք են այն թագաւորները, որ Եդովմի երկրին մէջ թագաւորեցին, Իսրայէլի որդիներուն վրայ թագաւոր մը թագաւորելէն առաջ։ Բէովրին որդին Բաղա թագաւորեց Եդովմի մէջ ու անոր քաղաքին անունը Դեննաբա էր։ Բաղա մեռաւ ու անոր տեղ Բօսրացի Զարայի որդին Յոբաբ թագաւորեց։ Յոբաբ մեռաւ ու անոր տեղ Թեմանացիներու երկրէն Հուսամ թագաւորեց։ Հուսամ մեռաւ ու անոր տեղ Բադադին որդին Ադադ թագաւորեց, որ Մովաբի դաշտին մէջ Մադիանացիները կոտորեց։ Անոր քաղաքին անունը Աւիթ էր։ Ադադ մեռաւ ու անոր տեղ Մասրեկացի Սամաղան թագաւորեց։ Սամաղան մեռաւ ու անոր տեղ Գետին քով Ռոբովաթէն եղող Սաւուղը թագաւորեց։ Սաւուղ մեռաւ ու անոր տեղ Աքոբորի որդին Բաղաանան թագաւորեց։ Աքոբորի որդին Բաղաանան մեռաւ ու անոր տեղ Ադադ թագաւորեց։ Անոր քաղաքին անունը Փոգով էր ու անոր կնոջ անունը Մետաբեէլ էր, որ Մէզաաբի աղջկանը Մատրեթին աղջիկն էր։ Եւ իրենց տոհմերուն ու իրենց տեղերուն համեմատ իրենց անուններովը՝ Եսաւէն եղած իշխաններուն անունները ասոնք են՝ Թամնա իշխան, Գաղուա իշխան, Յեթա իշխան, Ողիմաբա իշխան, Էլա իշխան, Փինօն իշխան, Կենէզ իշխան, Թեման իշխան, Մաբզար իշխան, Մագեդիէլ իշխան, Իրամ իշխան։ Ասոնք են Եդովմի իշխանները իրենց բնակութեանը համեմատ՝ իրենց ստացուածքի երկրին մէջ. այս է Եսաւ Եդովմայեցիներուն հայրը։ Յակոբ իր հօրը պանդխտացած երկրին՝ Քանանի մէջ բնակեցաւ։ Ասոնք են Յակոբին սերունդները։ Յովսէփ տասնըեօթը տարեկան էր, երբ իր եղբայրներուն հետ հօտերը կ’արածէր եւ պատանի ըլլալով՝ իր հօրը կիներուն Բաղղայի որդիներուն հետ ու Զեղբայի որդիներուն հետ էր։ Յովսէփ անոնց չար լուրը անոնց հօրը կը բերէր։ Իսրայէլ իր բոլոր որդիներէն աւելի կը սիրէր Յովսէփը, քանզի իր ծերութեանը որդին էր անիկա եւ բազմագոյն պատմուճան մը շինեց անոր։ Անոր եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը զանիկա իր բոլոր եղբայրներէն աւելի կը սիրէր, ատեցին զանիկա ու խաղաղութեամբ չէին կրնար խօսիլ անոր հետ։ Յովսէփ երազ մը տեսաւ ու իր եղբայրներուն պատմեց։ Անոնք աւելի ատեցին զանիկա։ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս. ‘Ահա մենք դաշտին մէջ որաներ կը կապէինք։ Իմ որաս ելաւ ու շիտակ կանգնեցաւ եւ ձեր որաներ անոր բոլորտիքը կանգնեցան ու իմ որայիս երկրպագութիւն ըրին։ Անոր եղբայրները ըսին անոր. «Իրաւցընէ մեր վրա՞յ պիտի թագաւորես, կամ իրաւցընէ մեր վրա՞յ պիտի տիրես»։ Անոր երազներուն ու խօսքերուն համար աւելի ատեցին զանիկա։ Ուրիշ երազ մըն ալ տեսաւ ու զանիկա իր եղբայրներուն պատմեց ու ըսաւ. «Ահա երազ մըն ալ տեսայ։ Ահա արեւն ու լուսինը ու տասնըմէկ աստղեր ինծի երկրպագութիւն ըրին»։ Երբ իր հօրը ու իր եղբայրներուն պատմեց, հայրը յանդիմանեց զանիկա ու ըսաւ անոր. «Ի՞նչ է այս քու տեսած երազդ. միթէ ես ու քու մայրդ եւ քու եղբայրներդ իրաւցընէ՞ պիտի գանք՝ մինչեւ գետին քեզի խոնարհութիւն ընելու»։ Եղբայրները նախանձեցան անոր, բայց հայրը իր միտքը պահեց այս խօսքերը։ Անոր եղբայրները գացին, որ իրենց հօրը հօտերը Սիւքէմի մէջ արածեն։ Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Քու եղբայրներդ Սիւքէմի մէջ չե՞ն արածեր ոչխարները. եկուր ես քեզ անոնց ղրկեմ». Անիկա ըսաւ. «Ահա ես հոս եմ»։ Եւ հայրը ըսաւ անոր. «Գնա՛. նայէ՛ թէ քու եղբայրներդ ողջ առո՞ղջ են եւ հօտերը ո՞ղջ են ու ինծի լուր մը բեր»։ Այսպէս ղրկեց զանիկա Քեբրոնի հովիտէն։ Ան ալ Սիւքէմ գնաց։ Ու մարդ մը գտաւ զանիկա, որ դաշտին մէջ ասդին անդին կը պտըտէր։ Այն մարդը հարցուց անոր ըսելով. «Ի՞նչ կը փնտռես»։ Անիկա ըսաւ. «Իմ եղբայրներս կը փնտռեմ. կ’աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի, անոնք ո՞ւր կ’արածեն»։ Այն մարդը ըսաւ. «Ասկէ ելան, քանզի լսեցի որ ‘Դօթայիմ երթանք’, կ’ըսէին»։ Յովսէփ իր եղբայրներուն ետեւէն գնաց ու Դօթայիմի մէջ գտաւ զանոնք։ Երբ եղբայրները զանիկա հեռուէն տեսան, դեռ ինք անոնց չմօտեցած, զանիկա մեռցնելու դաւադրութիւն ըրին Ու իրարու ըսին. «Ահա այն երազ տեսնողը՝ ՝ կու գայ, Ուստի հիմա եկէք մեռցնենք զանիկա ու գուբի մէջ նետենք ու ըսենք թէ ‘Չար գազան մը կերաւ զանիկա’ եւ տեսնենք թէ անոր երազները ի՛նչ պիտի ըլլան»։ Ռուբէն լսածին պէս՝ անոնց ձեռքէն ազատեց զանիկա, ըսելով. «Չմեռցնենք զանիկա» Եւ Ռուբէն ըսաւ անոնց. «Արիւն մի՛ թափէք, բայց զանիկա այս գուբը նետեցէք, որ անապատին մէջ է եւ անոր ձեռք մի՛ զարնէք»։ Այս կ’ըսէր ՝ որպէս զի կարենայ ազատել զանիկա անոնց ձեռքէն, իր հօրը դարձնելու համար։ Յովսէփ իր եղբայրներուն քով եկածին պէս՝ մերկացուցին Յովսէփը իր պատմուճանէն, այսինքն իր վրայի բազմագոյն պատմուճանէն Եւ առին զանիկա ու գուբը նետեցին։ Գուբը դատարկ էր, մէջը ջուր չկար։ Երբ նստան հաց ուտելու, իրենց աչքերը վերցուցին ու տեսան, որ Իսմայելացիներու մէկ կարաւանը կու գար Գաղաադէն, որ իրենց ուղտերը համեմներով եւ բալասանով ու զմուռսով բեռնաւորած Եգիպտոս տանելու կ’երթային։ Եւ Յուդա ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ եթէ մեր եղբայրը մեռցնենք ու անոր արիւնը ծածկենք. Եկէ՛ք Իսմայելացիներուն ծախենք զանիկա եւ մեր ձեռքը անոր չդպչի. քանզի անիկա մեր եղբայրը ու մեր մարմինն է»։ Անոր եղբայրները հաճեցան։ Ու երբ Մադիանացի վաճառականները կ’անցնէին, Յովսէփը գուբէն քաշեցին ու դուրս հանեցին իր եղբայրները եւ Իսմայելացիներուն ծախեցին Յովսէփը քսան կտոր արծաթի։ Անոնք ալ Յովսէփը Եգիպտոս տարին։ Երբ Ռուբէն դէպի գուբը գնաց եւ ահա Յովսէփ գուբին մէջ չէր ու իր հանդերձները պատռեց։ Դարձաւ իր եղբայրներուն ու ըսաւ. «Տղան չկայ ու ես ո՞ւր երթամ»։ Եղբայրները առին Յովսէփին պատմուճանը, այծերէն նոխազ մը մորթեցին եւ պատմուճանը անոր արեան մէջ թաթխեցին։ Բազմագոյն պատմուճանը իրենց հօրը ղրկեցին ու ըսին. «Ասիկա գտանք մենք. տես թէ ասիկա քու որդիիդ պատմուճա՞նն է՝ թէ ոչ»։ Յակոբ ճանչցաւ զայն ու ըսաւ. «Իմ որդիիս պատմուճանն է, չար գազան մը կերած է զանիկա։ Յովսէփ անշուշտ գիշատուեցաւ»։ Եւ Յակոբ պատռեց իր հանդերձները ու քուրձ հագաւ իր մէջքին վրայ եւ իր որդիին համար շատ օրեր սուգ ըրաւ։ Իր բոլոր որդիներն ու իր բոլոր աղջիկները զինք մխիթարելու ելան. բայց ինք մխիթարուիլ չէր ուզեր ու ըսաւ. «Ես սուգով պիտի իջնեմ գերեզման՝ իմ որդիիս քով»։ Այսպէս անոր հայրը լացաւ անոր համար։ Մադիանացիները ծախեցին զանիկա Եգիպտոսի մէջ՝ Փարաւոնին ներքինիին՝ Պետափրէս դահճապետին։ Պատահեցաւ որ Յուդա իր եղբայրներուն քովէն իջաւ ու Ոդողոմացի մէկուն քով գնաց, որուն անունը Իրաս էր։ Յուդա Շաւա անունով Քանանացիի մը աղջիկը տեսաւ ու առաւ զանիկա եւ մտաւ անոր։ Անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Էր դրաւ։ Ու նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Օնան դրաւ։ Եւ դարձեալ որդի մըն ալ ծնաւ ու անոր անունը Սելօմ դրաւ։ Երբ զանիկա ծնաւ՝ Յուդա Քեզիբի մէջ էր։ Յուդա իր անդրանիկ տղուն՝ Էրի՝ կին մը առաւ, որուն անունն էր Թամար։ Յուդայի անդրանիկ Էրը չար էր Տէրոջը առջեւ։ Ու Տէրը մեռցուց զանիկա։ Եւ Յուդա ըսաւ Օնանին. «Մտիր քու եղբօրդ կնոջ ու տագրութեան իրաւունքդ կատարէ անոր եւ քու եղբօրդ սերունդ հանէ»։ Օնան գիտցաւ որ սերունդը իրենը պիտի չըլլայ, անոր համար երբ իր եղբօրը կնոջ կը մտնէր, սերմը գետին կը թափէր, որպէս զի եղբօրը սերունդ չտայ։ Այս ըրած բանը Տէրոջը առջեւ գէշ երեւցաւ ու զանիկա ալ մեռցուց։ Յուդա իր Թամար հարսին ըսաւ. «Որբեւարի նստէ քու հօրդ տունը մինչեւ իմ Սելօմ որդիս մեծնայ». քանզի ըսաւ. «Չըլլայ որ աս ալ իր եղբայրներուն պէս մեռնի»։ Թամար գնաց ու իր հօրը տունը նստաւ։ Շատ օրեր յետոյ մեռաւ Շաւայի աղջիկը՝ Յուդային կինը։ Երբ Յուդա մխիթարուեցաւ, Թամնա գնաց իր հօտերը ասրակտուր ընողներուն քով՝ ինք ու իր բարեկամը Ոդողոմացի Իրաս։ Ըսուեցաւ Թամարին թէ՝ «Ահա քու կեսրայրդ դէպի Թամնա կ’ելլէ՝ իր ոչխարները ասրակտուր ընելու»։ Ան ալ իր որբեւարութեան հանդերձները հանեց իր վրայէն ու քօղով մը ծածկուեցաւ ու փաթթուեցաւ եւ Թամնայի ճամբուն մէջ եղող Ենայիմի մուտքը նստաւ, քանզի տեսաւ որ Սելօմ մեծցաւ ու ինք անոր կին ըլլալու չտրուեցաւ։ Երբ Յուդա տեսաւ զանիկա, բոզ կարծեց, քանզի իր երեսը ծածկեր էր։ Ճամբան անոր դարձաւ ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քեզի մտնեմ», քանզի չէր գիտեր թէ անիկա իր հարսն է։ Անիկա ըսաւ. «Ինծի մտնելու համար ի՞նչ կու տաս ինծի»։ Յուդա ըսաւ. «Ես քեզի այծի ուլ մը կը ղրկեմ հօտերէն»։ Կինը ըսաւ. «Գրաւ մը կու տա՞ս մինչեւ ղրկելդ»։ Յուդա ըսաւ. «Ի՞նչ գրաւ տամ քեզի»։ Անիկա ըսաւ. «Քու կնիքդ ու ժապաւէնդ եւ ձեռքիդ գաւազանը տուր »։ Ան ալ տուաւ անոր ու մտաւ անոր։ Թամար անկէ յղի մնաց։ Ապա ելաւ ու գնաց ու իր վրայէն քօղը հանեց ու իր որբեւարութեան հանդերձները հագաւ։ Յուդա իր բարեկամին, Ոդողոմացիին ձեռքով այծին ուլը ղրկեց, որպէս զի կնոջ ձեռքէն գրաւը առնէ. բայց չգտաւ զանիկա։ Այն տեղի մարդոց հարցուց՝ ըսելով. «Ճամբուն վրայ Ենայիմի մէջ եղած բոզը ո՞ւր է»։ Անոնք ըսին. «Հոս բոզ չկայ»։ Բարեկամը դարձաւ Յուդային ու ըսաւ. «Չգտայ զանիկա եւ այն տեղի մարդիկն ալ ըսին թէ ‘Հոս բոզ չկայ’»։ Յուդա ըսաւ. «Իրեն թող ըլլայ, որպէս զի խայտառակ չըլլանք. ահա ես այս ուլը ղրկեցի ու դուն չգտար զանիկա»։ Երեք ամիս յետոյ Յուդային պատմուեցաւ՝ ըսելով. «Քու հարսդ Թամար պոռնկացաւ, նաեւ ահա պոռնկութենէն յղի մնաց»։ Յուդա ըսաւ. «Հանեցէք զանիկա, որ այրուի»։ Երբ զանիկա դուրս կը հանէին, գրաւները իր կեսրայրին ղրկեց՝ ըսելով. «Ես այս բաներուն տիրոջմէն յղի եմ»։ Նաեւ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, գիտցի՛ր թէ այս կնիքն ու ժապաւէնը եւ գաւազանը որո՞ւնն են»։ Յուդա ճանչցաւ ու ըսաւ. «Անիկա ինծմէ արդար է, վասն զի զանիկա իմ որդիիս Սելօմին չտուի»։ Անգամ մըն ալ չգիտցաւ զանիկա։ Երբ ծնանելու ատենը հասաւ՝ անոր արգանդին մէջ երկուորեակ էին։ Երբ կը ծնանէր, մէկը ձեռքը երկնցուց եւ մանկաբարձը առաւ ու անոր ձեռքին վրայ կարմիր դերձան կապեց՝ ըսելով. «Առաջ աս ելաւ»։ Անիկա իր ձեռքը ետ քաշածին պէս՝ անոր եղբայրը ելաւ։ Մանկաբարձը ըսաւ. «Ինչո՞ւ ցանկը պատռեցիր. այս պատառումը քու վրադ ըլլայ»։ Անոր համար անոր անունը Փարէս դրուեցաւ։ Ու ետքը ձեռքին վրայ կարմիր դերձան ունեցող եղբայրը ելաւ եւ անոր անունը Զարա դրուեցաւ։ Յովսէփը Եգիպտոս իջեցուցին եւ Փարաւոնին ներքինին՝ Եգիպտացի Պետափրէս դահճապետը ծախու առաւ զանիկա Իսմայելացիներուն ձեռքէն, որոնք զանիկա հոն իջեցուցին։ Տէրը Յովսէփին հետ էր ու անիկա յաջողակ մարդ մըն էր ու իր Եգիպտացի տիրոջը տունն էր անիկա։ Անոր տէրը տեսաւ որ Տէրը անոր հետ է եւ թէ ինչ որ ընէր, Տէրը կը յաջողցնէր անոր ձեռքով։ Յովսէփ շնորհք գտաւ անոր առջեւ ու կը ծառայէր անոր, որ իր տանը վրայ վերակացու ըրաւ զանիկա եւ իր բոլոր ունեցածը անոր ձեռքը յանձնեց։ Այն օրէն, երբ Յովսէփը իր տանը ու իր բոլոր ունեցածին վրայ վերակացու եղաւ, Տէրը Եգիպտացիին տունը օրհնեց Յովսէփին համար։ Թէ՛ տանը մէջ եւ թէ՛ դաշտին մէջ անոր բոլոր ունեցածին վրայ Տէրոջը օրհնութիւնը եղաւ։ Պետափրէս իր բոլոր ունեցածը Յովսէփին ձեռքը թողուց ու ինչ որ կար անոր քով՝ չէր գիտեր՝ իր կերած հացէն զատ։ Յովսէփ գեղեցիկ էր դէմքով ու գեղեցիկ՝ տեսքով։ Ժամանակ մը յետոյ՝ անոր տիրոջը կինը աչք տնկեց Յովսէփին վրայ ու ըսաւ. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Բայց Յովսէփ չհաճեցաւ։ Իր տիրոջը կնոջը ըսաւ. «Ահա իմ տէրս տանը մէջ իմ քովս ինչ որ կայ՝ չի գիտեր եւ իր բոլոր ունեցածը իմ ձեռքս յանձնեց. Այս տանը մէջ ինծմէ մեծը չկայ ու բա՛ն մը ինծմէ չարգիլեց՝ քեզմէ զատ, վասն զի դուն անոր կինն ես. ուրեմն ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։ Թէեւ կինը օրէ օր Յովսէփին կ’ըսէր, բայց անիկա մտիկ չէր ըներ անոր՝ որ հետը պառկի կամ հետը ըլլայ։ Օր մը Յովսէփ գործի համար տուն եկաւ եւ հոն տանը մէջ տանը մարդոցմէն մէ՛կը չկար։ Տիկինը բռնեց անոր հանդերձէն՝ ըսելով. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Յովսէփ իր հանդերձը անոր ձեռքը թողուց ու փախաւ, դուրս ելաւ։ Երբ կինը տեսաւ որ Յովսէփ հանդերձը իր ձեռքը թողուց ու դուրս փախաւ, Իր տանը մարդիկը կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, տէրս մեզի Եբրայեցի մը բերաւ մեզ խայտառակ ընելու համար։ Անիկա ինծի եկաւ՝ ինծի հետ պառկելու համար, բայց ես բարձր ձայնով պոռացի։ Ու երբ լսեց իմ բարձր ձայնով պոռալս, իր հանդերձը քովս թողուց եւ փախաւ դուրս ելաւ»։ Ու մինչեւ որ անոր տէրը տուն եկաւ, անոր հանդերձը իր քով պահեց։ Ապա խօսեցաւ անոր այս խօսքերը՝ ըսելով. «Այն Եբրայեցի ծառան, որ դուն մեզի բերիր, զիս խայտառակ ընելու համար եկաւ ինծի։ Ու երբ իմ ձայնս վերցուցի ու պոռացի, իր հանդերձը քովս թողուց ու դուրս փախաւ»։ Երբ անոր տէրը լսեց իր կնոջ խօսքերը, որոնք խօսեցաւ իրեն՝ ըսելով. «Քու ծառադ ինծի այսպէս ըրաւ», իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Յովսէփին տէրը առաւ զանիկա ու բանտը դրաւ, այն տեղը, ուր թագաւորին բանտարկեալները կապուած էին։ Հոն բանտին մէջ մնաց։ Բայց Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր եւ բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ անոր։ Բանտապետը Յովսէփին ձեռքը յանձնեց բանտին մէջ եղած բոլոր բանտարկեալները։ Հոն ամէն գործ տեսնողը ան էր։ Բանտապետը անոր ձեռքը եղած մէ՛կ բանին չէր նայեր. վասն զի Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր։ Այս բաներէն յետոյ՝ Եգիպտոսի թագաւորին մատռուակը եւ հացագործը իրենց տիրոջը, Եգիպտոսի թագաւորին դէմ յանցանք գործեցին։ Փարաւոն բարկացաւ իր երկու ներքինիներուն, գլխաւոր մատռուակին ու գլխաւոր հացագործին դէմ Եւ զանոնք դահճապետին տանը բանտին մէջ բանտարկեց, ուր Յովսէփ բանտարկուած էր։ Դահճապետը Յովսէփին ապսպրեց անոնց համար ու անիկա կը ծառայէր անոնց։ Անոնք ատեն մը բանտը մնացին։ Եգիպտոսի թագաւորին մատռուակն ու հացագործը, որոնք բանտին մէջ կապուած էին, երկուքն ալ մէկ գիշեր մէկմէկ երազ տեսան, ամէն մէկուն երազին նշանակութեանը պէս։ Յովսէփ առտուն անոնց եկաւ ու տեսաւ զանոնք, որ խռովեր էին։ Իր տիրոջը տունը իրեն հետ բանտարկուած Փարաւոնի ներքինիներուն հարցուց՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար ձեր երեսները տրտում են այսօր»։ Անոնք ըսին. «Երազ տեսանք ու զանիկա մեկնող չկայ»։ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները, աւա՜ղ, պատմեցէ՛ք ինծի»։ Մատռուակապետը իր երազը պատմեց Յովսէփին ու ըսաւ անոր. «Երազիս մէջ տեսայ որ՝ ՝ առջեւս որթատունկ մը կար, Որուն վրայ երեք ուռ կային։ Ան բողբոջելուն պէս ծաղիկ բացաւ ու անոր ողկոյզները խաղող հասցուցին։ Փարաւոնին գաւաթը ձեռքս էր։ Խաղողները առի եւ Փարաւոնին գաւաթին մէջ ճմլեցի ու գաւաթը Փարաւոնին ձեռքը տուի»։ Յովսէփ անոր ըսաւ. «Ատոր մեկնութիւնը այս է. երեք ուռը երեք օր է. Երեք օրէն ետքը Փարաւոնը գլուխդ բանտէն պիտի արձակէ ու քեզ նորէն քու պաշտօնիդ պիտի դարձնէ եւ Փարաւոնին գաւաթը անոր ձեռքը պիտի տաս՝ անոր մատռուակը եղածիդ սովորութեանը պէս։ Բայց քեզի բարիք եղած ատեն զիս միտքդ բեր, կ’աղաչեմ քեզի, ինծի բարութիւն ըրէ եւ զիս Փարաւոնին առջեւ յիշելով՝ զիս այս տունէն դուրս հանէ. Քանզի իրաւցընէ գողցուեցայ Եբրայեցիներու երկրէն եւ հոս ալ բան մը չըրի որ զիս այս գուբը նետեն»։ Երբ հացագործը տեսաւ որ աղէկ մեկնութիւն տուաւ, ըսաւ Յովսէփին. «Ես ալ երազիս մէջ տեսայ, որ գլխուս վրայ երեք ճերմակ սակառ ունէի Եւ ամենէն վրայի սակառին մէջ Փարաւոնին համար հացագործի շինած ամէն տեսակ կերակուրներէն կար ու թռչունները կ’ուտէին զանոնք գլխուս վրայի սակառէն»։ Յովսէփ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ատոր մեկնութիւնը այս է. Երեք սակառը երեք օր է. երեք օրէն յետոյ Փարաւոն վրայէդ պիտի վերցնէ քու գլուխդ ու քեզ ծառէ մը պիտի կախէ եւ թռչունները քու մարմինդ պիտի ուտեն»։ Երրորդ օրը Փարաւոնին ծննդեան օրն էր, ուստի իր բոլոր ծառաներուն խնճոյք ըրաւ եւ իր ծառաներուն մէջ գլխաւոր մատռուակն ու գլխաւոր հացագործը բանտէն հանեց Ու դարձուց մատռուակապետը իր պաշտօնին եւ անիկա գաւաթը Փարաւոնին ձեռքը տուաւ. Բայց հացագործը կախել տուաւ, ինչպէս Յովսէփ մեկներ էր անոնց։ Սակայն մատռուակը միտքը չբերաւ Յովսէփը, այլ մոռցաւ զանիկա։ Լման երկու տարի յետոյ, Փարաւոն երազին մէջ տեսաւ որ գետին եզերքը կայներ էր։ Ահա գետէն գեղեցիկ տեսքով ու պարարտ մարմնով եօթը երինջներ ելան ու մարգագետնին վրայ կ’արածուէին։ Անոնց ետեւէն՝ գետէն ուրիշ եօթը երինջներ ելան զազիր տեսքով ու նիհար մարմնով ու միւս երինջներուն քով գետին եզերքը կայնեցան։ Եւ զազիր տեսքով ու նիհար մարմնով երինջները կերան եօթը գեղեցիկ տեսքով ու պարարտ երինջները։ Ետքը Փարաւոնը արթնցաւ։ Եւ քնացաւ ու երկրորդ անգամ երազին մէջ տեսաւ որ մէկ ծղօտի վրայ եօթը պարարտ ու աղէկ հասկեր կ’ելլէին։ Ահա անոնց ետեւէն եօթը նիհար ու խորշակահար հասկեր կը բուսնէին։ Այս նիհար հասկերը կլլեցին եօթը պարարտ ու լեցուն հասկերը։ Փարաւոն արթնցաւ եւ ահա երազ էր։ Առտուն անոր հոգին նեղուեցաւ ու կանչել տուաւ Եգիպտոսի բոլոր մոգերը եւ բոլոր իմաստունները ու Փարաւոն պատմեց անոնց իր երազները, բայց մէկը չկար, որ զանոնք Փարաւոնին մեկնէր։ Այն ատեն մատռուակապետը խօսեցաւ Փարաւոնին՝ ըսելով. «Այսօր ես իմ յանցանքներս կը յիշեմ։ Երբ Փարաւոն բարկացաւ իր ծառաներուն ու զիս դահճապետին տունը բանտը դրաւ, զիս ու գլխաւոր հացագործը. Նոյն գիշերը ես ու անիկա երազ տեսանք. ամէն մէկս իր երազին նշանակութեանը պէս երազ տեսանք։ Հոն մեզի հետ դահճապետին ծառան, Եբրայեցի պատանի մը կար, որուն պատմեցինք, անիկա մեկնեց մեզի մեր երազները. իւրաքանչիւրիս իր երազին պէս մեկնեց։ Ու ինչպէս անիկա մեզի մեկնեց, այնպէս եղաւ. ես իմ պաշտօնիս դարձայ ու անիկա կախուեցաւ»։ Այն ատեն Փարաւոն մարդ ղրկեց ու կանչեց Յովսէփը։ Շուտով բանտէն հանեցին զանիկա եւ ածիլուեցաւ ու իր հանդերձները փոխեց ու Փարաւոնին եկաւ։ Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Երազ տեսայ ու զանիկա մեկնող մը չկայ եւ քեզի համար լսեցի որ կ’ըսեն, թէ լսած երազդ կը մեկնես»։ Եւ Յովսէփ պատասխան տուաւ Փարաւոնին ու ըսաւ. «Ոչ թէ ես, այլ Աստուած Փարաւոնին պիտի տայ նպաստաւոր պատասխան մը»։ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Երազիս մէջ տեսայ որ գետին եզերքը կայներ էի Եւ ահա գետէն եօթը երինջներ ելան պարարտ մարմնով ու գեղեցիկ տեսքով եւ մարգագետնին վրայ կ’արածուէին։ Անոնց ետեւէն ուրիշ եօթը երինջներ ելան՝ նիհար ու խիստ զազիր տեսքով եւ վտիտ մարմնով, որոնց պէս զազիր բնաւ տեսած չէի Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ։ Եւ նիհար ու զազիր երինջները կերան այն եօթը պարարտ երինջները։ Անոնց փորը մտնելէն ետքը՝ չէր գիտցուեր թէ անոնք անոնց փորը մտան. հապա անոնց տեսքը առաջուանին պէս զազիր էր։ Ետքը արթնցայ։ Եւ դարձեալ երազիս մէջ տեսայ՝ որ ահա մէկ ծղօտի վրայ եօթը լեցուն ու աղէկ հասկեր կ’ելլէին Եւ ահա անոնց ետեւէն եօթը չոր, նիհար ու խորշակահար հասկեր կը բուսնէին։ Նիհար հասկերը կլլեցին այն եօթը աղէկ հասկերը։ Ու պատմեցի մոգերուն, բայց մէկը չկայ որ ինծի մեկնէ»։ Եւ Յովսէփ ըսաւ Փարաւոնին. «Մէկ է Փարաւոնին երազը. Աստուած իր ընելիքը յայտնեց Փարաւոնին։ Եօթը աղէկ երինջները եօթը տարի են եւ եօթը աղէկ հասկերը եօթը տարի են. երազը մէկ է։ Եւ անոնց ետեւէն ելած եօթը նիհար ու զազիր երինջները եօթը տարի են եւ եօթը պարապ ու խորշակահար հասկերը եօթը տարուան սով է։ Փարաւոնին յայտնուածը այս է. Աստուած իր ընելիքը Փարաւոնին ցուցուցեր է։ Ահա բոլոր Եգիպտոսի երկրին մէջ եօթը տարի մեծ առատութիւն պիտի գայ Եւ անոնց ետեւէն եօթը տարի սով պիտի գայ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր առատութիւնը պիտի մոռցուի եւ սովը պիտի սպառէ երկիրը Ու երկրին մէջ առատութիւնը պիտի չգիտցուի՝ անկէ ետքը գալու սովին պատճառաւ. վասն զի խիստ սաստիկ պիտի ըլլայ։ Երազը երկու անգամ Փարաւոնին կրկնուելուն պատճառը այս է, որ այս բանը Աստուծմէ հաստատուեցաւ եւ Աստուած շուտով պիտի ընէ զայն։ Ուստի հիմա թող Փարաւոն հանճարեղ ու իմաստուն մարդ մը գտնէ ու զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ կեցնէ։ Թող Փարաւոն այսպէս ընէ ու երկրի վրայ գործակալներ դնէ ու Եգիպտոսի երկրին արմտիքներէն առատութեան եօթը տարիներուն մէջ հինգէն մէկը առնէ։ Եւ այն գալու աղէկ տարիներուն բոլոր պաշարը հաւաքեն ու Փարաւոնին ձեռքին տակ ցորեն դիզեն եւ քաղաքներուն մէջ պաշար պահեն։ Եգիպտոսի մէջ գալիք եօթը տարուան սովին դէմ այս պաշարը երկրին համար պահուի, որպէս զի երկիրը սովէն չկորսուի»։ Այս բանը Փարաւոնին աչքին ու անոր բոլոր ծառաներուն աչքին աղէկ երեւցաւ։ Եւ Փարաւոն ըսաւ իր ծառաներուն. «Կրնա՞նք գտնել ասոր պէս մէկը, որ իր ներսիդին Աստուծոյ Հոգին ունենայ»։ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Որովհետեւ Աստուած այս ամէնը քեզի գիտցուց, քեզի պէս հանճարեղ ու իմաստուն չկայ։ Դուն իմ տանս վրայ կեցիր եւ իմ բոլոր ժողովուրդս քու բերանդ նային։ Ես միայն աթոռով քեզմէ մեծ ըլլամ»։ Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Ահա քեզ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ կեցուցի»։ Եւ Փարաւոն իր ձեռքէն մատանին հանեց ու Յովսէփին մատը դրաւ եւ անոր բեհեզէ հանդերձներ հագցուց ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ անցուց։ Ապա՝ զանիկա իր երկրորդ կառքը հեծցուց ու կը պոռային անոր առջեւէն. «Ծնրադրեցէ՛ք» եւ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ կեցուց զանիկա։ Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Ես Փարաւոն եմ առանց քեզի բնաւ մէկը իր ձեռքը կամ իր ոտքը չվերցնէ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ»։ Փարաւոն Յովսէփին անունը Փսոմփթոմփանէ դրաւ եւ Արեգ քաղաքին՝ ՝ Պետափրա քուրմին աղջիկը Ասանէթը անոր կնութեան տուաւ։ Յովսէփ Եգիպտոսի երկիրը պտըտելու ելաւ։ Եւ Յովսէփ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ ելած ատեն երեսուն տարեկան էր։ Յովսէփ Փարաւոնին առջեւէն ելաւ ու Եգիպտոսի բոլոր երկիրը պտըտեցաւ։ Եւ առատութեան եօթը տարիներուն մէջ երկիրը խիստ շատ արդիւնք տուաւ։ Եգիպտոսի եօթը տարիներուն բոլոր պաշարը հաւաքեց ու քաղաքներու մէջ դրաւ պաշարը. ամէն քաղաքի բոլորտիքը եղած արտերուն պաշարը նոյն քաղաքին մէջ դրաւ։ Յովսէփ ծովու աւազին չափ խիստ շատ ցորեն դիզեց. այնպէս որ հաշիւի չգալուն համար չափելը ձգեց։ Սովին տարիներուն գալէն առաջ՝ Յովսէփին երկու որդի ծնան, որ Արեգ քաղաքին Պետափրա քուրմին աղջիկը Ասանէթ ծնաւ անոր։ Յովսէփ անդրանիկին անունը Մանասէ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած ինծի մոռցուց իմ բոլոր վիշտերս ու իմ հօրս բոլոր տունը»։ Եւ երկրորդին անունը Եփրեմ դրաւ, քանզի ըսաւ. «Աստուած իմ տառապանքիս երկրին մէջ աճեցուց զիս»։ Ու Եգիպտոսի առատութեան եօթը տարիները անցան։ Յովսէփին ըսածին պէս՝ սովի եօթը տարիները գալ սկսան։ Բոլոր երկիրներուն մէջ սով եղաւ, բայց բոլոր Եգիպտոսի մէջ հաց կար։ Երբ Եգիպտոսի բոլոր երկիրը անօթեցաւ, ժողովուրդը հացի համար Փարաւոնին աղաղակեց։ Փարաւոն ըսաւ բոլոր Եգիպտացիներուն. «Յովսէփին գացէք. ինչ որ ձեզի ըսէ, զայն ըրէք»։ Ու երկրի բոլոր երեսին վրայ սով եղաւ եւ Յովսէփ բացաւ բոլոր շտեմարանները ու Եգիպտացիներուն պաշար ծախեց։ Սովը սաստկացաւ Եգիպտոսի մէջ։ Ու բոլոր աշխարհէն Եգիպտոս կու գային՝ Յովսէփէն պաշար ծախու առնելու. վասն զի ամէն երկրի մէջ սովը սաստկացաւ։ Երբ Յակոբ իմացաւ Եգիպտոսի մէջ պաշար ըլլալը, ըսաւ իր որդիներուն. «Ինչո՞ւ իրարու կը նայիք»։ Եւ ըսաւ. «Ահա լսեցի թէ Եգիպտոսի մէջ պաշար կայ. հոն իջէք ու անկէ մեզի համար ծախու առէք, որպէս զի ողջ մնանք ու չմեռնինք»։ Յովսէփին տասը եղբայրները իջան՝ Եգիպտոսէն ցորեն ծախու առնելու։ Բայց Յակոբ Յովսէփին եղբայրը՝ Բենիամինը՝ անոր եղբայրներուն հետ չղրկեց, քանզի ըսաւ. «Չըլլայ որ փորձանք մը պատահի անոր»։ Իսրայէլի որդիները հոն գացողներուն հետ պաշար ծախու առնելու եկան, քանզի Քանանի երկրին մէջ ալ սով կար։ Յովսէփ երկրին իշխանն էր եւ ինք երկրին բոլոր ժողովուրդին պաշար կը ծախէր։ Յովսէփին եղբայրները եկան ու իրենց երեսները մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրին անոր։ Յովսէփ իր եղբայրները տեսածին պէս ճանչցաւ զանոնք, բայց ինքզինք անոնց չճանչցուց ու անոնց հետ խստութեամբ խօսեցաւ եւ անոնց ըսաւ. «Ուրկէ՞ եկաք»։ Անոնք ըսին. «Քանանի երկրէն կերակուր ծախու առնելու եկանք »։ Յովսէփ իր եղբայրները ճանչցաւ, բայց անոնք զինք չճանչցան։ Յովսէփ անոնց վրայով իր տեսած երազները միտքը բերաւ ու ըսաւ անոնց. «Դուք լրտեսներ էք. երկրին տկարութիւնը տեսնելու եկած էք»։ Անոնք ըսին անոր. «Ո՛չ, տէ՛ր իմ, հապա քու ծառաներդ կերակուր ծախու առնելու եկանք։ Մենք ամէնքս մէկ մարդու որդիներ ենք, մենք շիտակ մարդիկ ենք. ծառաներդ լրտեսներ չեն»։ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Ո՛չ, հապա երկրին տկարութիւնը տեսնելու եկած էք»։ Անոնք ըսին. «Մենք քու ծառաներդ Քանանի երկրին մէջ մէկ մարդու որդիներն ըլլալով՝ տասներկու եղբայրներ էինք։ Ահա ամենէն պզտիկը այսօր մեր հօրը քով է, իսկ միւսը չկայ»։ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Իմ ձեզի ըսածիս պէս է, դուք լրտեսներ էք։ Ասով պիտի փորձուիք։ Փարաւոնին կեանքին համար՝ դուք ասկէ պիտի չելլէք, եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը հոս չգայ։ Ձեզմէ մէկը ձեր եղբայրը բերելու ղրկեցէք, իսկ մնացեալներդ բանտը պիտի դրուիք, որպէս զի ձեր խօսքերը փորձուին, թէ արդեօք ձեր մէջ ճշմարտութիւն կա՞յ եւ եթէ ոչ՝ Փարաւոնին կեանքին համար՝ դուք լրտեսներ էք»։ Երեք օր բանտը դրաւ զանոնք։ Երրորդ օրը Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Այսպէս ըրէք որպէս զի ողջ մնաք. վասն զի ես Աստուծմէ կը վախնամ։ Եթէ դուք շիտակ մարդիկ էք, ձեր եղբայրներէն մէկը ձեր բանտարկուած տանը մէջ թող մնայ եւ դուք գացէք, ձեր տանը անօթութեանը համար պաշար տարէք, Բայց ձեր պզտիկ եղբայրը ինծի բերէք, որպէս զի ձեր խօսքերը հաստատուին ու չմեռնիք»։ Այդպէս ըրին։ Ու իրարու ըսին. «Իրաւցընէ մեր եղբօրը հանդէպ յանցաւոր ենք. վասն զի մենք տեսանք անոր հոգիին նեղութիւնը՝ երբ ինք մեզի աղաչեց, բայց մտիկ չըրինք՝ ատոր համար այս նեղութիւնը մեր վրայ եկաւ»։ Ռուբէն պատասխան տուաւ անոնց՝ ըսելով. «Ես ձեզի չխօսեցա՞յ ըսելով. ‘Տղուն դէմ մեղք մի՛ գործէք’, բայց դուք մտիկ չըրիք եւ ահա հիմա անոր արիւնը մեզմէ կը պահանջուի»։ Անոնք չէին գիտեր թէ Յովսէփ կը հասկնար, վասն զի թարգմանով կը խօսէր իրենց հետ։ Յովսէփ անոնցմէ զատուեցաւ ու լացաւ։ Ապա նորէն անոնց դարձաւ ու խօսեցաւ անոնց հետ եւ անոնցմէ Շմաւոնը առաւ ու անոնց աչքին առջեւ կապեց զանիկա։ Ետքը Յովսէփ հրաման ըրաւ, որ անոնց ամանները ցորենով լեցնեն ու ամէն մէկուն ստակը իր քուրձին մէջ դնեն եւ անոնց ճամբու պաշար տան։ Այսպէս ըրաւ անոնց։ Անոնք իրենց էշերուն վրայ բեռցուցին ցորեննին ու անկէ գացին։ Անոնցմէ մէկը իջեւանին մէջ իր իշուն կեր տալու համար իր քուրձը բացած ատեն՝ իր ստակը տեսաւ, որ ահա իր քուրձին բերանն էր։ Իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ստակս ետ տրուած է, ահա հոս իմ քուրձիս մէջ է»։ Անոնց սիրտը խռովեցաւ ու վախնալով իրարու ըսին. «Ի՞նչ է այս, որ Աստուած մեզի ըրաւ»։ Երբ եկան Քանանի երկիրը՝ իրենց հօրը Յակոբին՝ բոլոր իրենց գլուխը եկածները պատմեցին անոր՝ ըսելով. «Այն երկրին տէրը եղող մարդը մեզի խստութեամբ խօսեցաւ ու մեզ երկիրը լրտեսողներու տեղ դրաւ։ Եւ ըսինք անոր. ‘Մենք շիտակ մարդիկ ենք, լրտեսներ չենք, Մենք, մեր հօրը որդիքը, տասներկու եղբայրներ ենք, մէկը չկայ եւ ամենէն պզտիկը Քանանի երկրին մէջ մեր հօրը քով է այսօր’։ Այն երկրին տէրը ըսաւ մեզի. ‘Ձեր շիտակ մարդիկ ըլլալը այս ձեւով պիտի գիտնամ. ձեր եղբայրներէն մէկը իմ քովս ձգեցէք եւ ձեր ընտանիքին անօթութեանը համար պաշար առէք ու գացէք Եւ ձեր պզտիկ եղբայրը ինծի բերէք, որպէս զի գիտնամ թէ դուք լրտեսներ չէք, հապա շիտակ մարդիկ էք. այսպէս ձեր եղբայրը ձեզի կու տամ ու այս երկրին մէջ առուտուր կ’ընէք’»։ Բայց իրենց քուրձերը պարպած ատեննին, ահա ամէն մէկուն ստակին ծրարը իր քուրձին մէջ էր եւ իրենք ու իրենց հայրն ալ ստակին ծրարները տեսածնուն պէս վախցան։ Եւ անոնց հայրը Յակոբ ըսաւ անոնց. «Զիս անորդի թողուցիք։ Յովսէփը չկայ, Շմաւոնը չկայ, Բենիամինն ալ պիտի առնէք։ Այս ամէնը իմ գլխուս եկաւ»։ Ռուբէն խօսեցաւ իր հօրը ու ըսաւ. «Եթէ ես զանիկա քեզի չբերեմ, իմ երկու որդիներս մեռցուր։ Բենիամինը իմ ձեռքս յանձնէ ու ես քեզի ետ պիտի բերեմ զանիկա»։ Բայց Յակոբ ըսաւ. «Իմ որդիս ձեզի հետ պիտի չիջնէ. վասն զի անոր եղբայրը մեռած է ու անիկա մինակ մնացած է։ Եթէ ձեր երթալու ճամբուն մէջ անոր փորձանք մը պատահելու ըլլայ, իմ ճերմակ մազերս տրտմութիւնով գերեզման պիտի իջեցնէք»։ Սովը սաստկացաւ երկրին մէջ Ու Եգիպտոսէն բերուած պաշարնին կերան ու հատցուցին։ Հայրերնին ըսաւ անոնց. «Գացէք նորէն մեզի քիչ մը ուտելիք ծախու առէք»։ Յուդա խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Այն մարդը մեզի հաստատ վկայութեամբ խօսելով՝ ըսաւ. ‘Եթէ ձեր եղբայրը ձեզի հետ չըլլայ, իմ երեսս պիտի չտեսնէք’։ Եթէ մեր եղբայրը մեզի հետ ղրկես, կ’իջնենք ու ուտելիք ծախու կ’առնենք. Բայց եթէ չղրկես, չենք իջներ. վասն զի այն մարդը ըսաւ մեզի. ‘Եթէ ձեր եղբայրը ձեզի հետ չըլլայ, իմ երեսս պիտի չտեսնէք’»։ Իսրայէլ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար չարութիւն ըրիք ինծի՝ այն մարդուն իմացնելով թէ ուրիշ եղբայր ունիք»։ Անոնք ըսին. «Այն մարդը մեզի համար ու մեր ազգականներուն համար ճշդիւ հարցուց՝ ըսելով. ‘Ձեր հայրը տակաւին ո՞ղջ է, ուրիշ եղբայր ունի՞ք’. մենք ալ այս խօսքերուն համեմատ պատասխան տուինք անոր. արդեօք մենք կրնայի՞նք գիտնալ թէ անիկա պիտի ըսէ՝ ‘Ձեր եղբայրը իջեցուցէք’»։ Յուդա իր հօրը Իսրայէլին ըսաւ. «Տղան ինծի հետ ղրկէ ու ելլենք երթանք, որպէս զի ողջ մնանք ու չմեռնինք, մենք ալ, դուն ալ, մեր ընտանիքներն ալ։ Ես երաշխաւոր կ’ըլլամ անոր համար։ Զանիկա իմ ձեռքէս պահանջէ. եթէ զանիկա քեզի չբերեմ ու քու առջեւդ չկայնեցնեմ, յաւիտեան քեզ հանդէպ յանցաւոր ըլլամ։ Քանզի եթէ չյապաղէինք, մինչեւ հիմա երկրորդ անգամ դարձած կ’ըլլայինք»։ Անոնց հայրը Իսրայէլ ըսաւ անոնց. «Եթէ այդպէս է, հիմա այս ըրէք։ Ձեր ամաններուն մէջ երկրիս ամենէն աղէկ պտուղներէն առէք ու մարդուն ընծայ տարէք, քիչ մը բալասան եւ քիչ մը մեղր, համեմներ ու զմուռս, պիստակ ու նուշ Եւ ձեռքերնիդ կրկնապատիկ ստակ առէք ու ձեր քուրձերուն բերանը դրուած ստակն ալ, որ ետ բերուեցաւ, ձեռքերնիդ առած ետ տարէք. գուցէ սխալմունք եղած էր. Եղբայրնիդ ալ առէք ու ելէք նորէն այն մարդուն գացէք։ Եւ Ամենակարող Աստուած ձեզի շնորհք գտնել տայ այն մարդուն առջեւ, որպէս զի ձեր Շմաւոն եղբայրն ու Բենիամինը թող տայ ձեզի։ Բայց եթէ անզաւակ մնալու եմ, թող անզաւակ մնամ»։ Ապա մարդիկը առին այս ընծաները ու ձեռքերնին կրկնապատիկ ստակ առին՝ նաեւ Բենիամինը ու ելան Եգիպտոս իջան եւ Յովսէփին առջեւ կայնեցան։ Երբ Յովսէփ Բենիամինը անոնց հետ տեսաւ, իր տանը վերակացուին ըսաւ. «Տուն տար այս մարդիկը ու պարարտ կենդանիներ մորթէ եւ պատրաստէ. վասն զի այս մարդիկը կէսօրին ինծի հետ պիտի ճաշեն»։ Սպասաւորը Յովսէփին ըսածին պէս ըրաւ ու Յովսէփին տունը տարաւ մարդիկը։ Մարդիկը վախցան Յովսէփին տունը տարուելնուն համար ու ըսին. «Առաջին անգամին մեր քուրձերուն մէջ դարձած ստակին համար կը տարուինք, որ մեր վրայ յարձակի ու մեր վրայ իյնայ մեզ իբր ծառայ առնէ ու մեր էշերը»։ Յովսէփին տանը վերակացուն եղող մարդուն մօտեցան ու տանը դրանը մէջ խօսեցան անոր Ու ըսին. «Ո՜հ, տէ՛ր, ասկէ առաջ կերակուր ծախու առնելու իջանք։ Երբ իջեւան մը հասանք, մեր քուրձերը բացինք, ահա ամէն մէկուս ստակը իր քուրձին բերանն էր, մեր ստակը լման կշիռքովը եւ զանիկա մեր ձեռքովը ետ բերինք։ Ու ձեռքերնուս մէջ ուրիշ ստակ բերինք՝ կերակուր ծախու առնելու համար։ Չենք գիտեր թէ ո՞վ դրաւ մեր ստակը մեր քուրձերուն մէջ»։ Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի, մի՛ վախնաք. ձեր Աստուածը եւ ձեր հօրը Աստուածը ձեզի գանձ տուաւ ձեր քուրձերուն մէջ. ես առի ձեր ստակը»։ Եւ Շմաւոնը դուրս հանեց անոնց։ Սպասաւորը Յովսէփին տունը տարաւ մարդիկը եւ ջուր տուաւ անոնց ու իրենց ոտքերը լուացին ու անոնց էշերուն կեր տուաւ։ Անոնք ալ ընծաները պատրաստեցին՝ մինչեւ Յովսէփին տուն գալը. քանզի իմացան թէ իրենք հոն հաց պիտի ուտեն։ Երբ Յովսէփ տուն եկաւ, իրենց ձեռքը եղած ընծաները անոր մատուցանեցին տանը մէջ ու մինչեւ գետինը ծռելով անոր խոնարհութիւն ըրին։ Յովսէփ անոնց ողջութիւնը հարցուց՝ ըսելով. «Ձեր ծեր հայրը, որուն վրայով խօսեցաք ինծի, աղէ՞կ է. տակաւին ո՞ղջ է»։ Ըսին. «Քու ծառադ՝ մեր հայրը՝ աղէկ է, տակաւին ողջ է» եւ ծռեցան ու խոնարհութիւն ըրին։ Յովսէփ իր աչքերը վերցուց ու իր մօրը որդին, իր եղբայրը Բենիամինը տեսաւ եւ ըսաւ. «Ա՞ս է ձեր պզտիկ եղբայրը, որուն վրայով խօսեցաք ինծի» եւ ըսաւ Բենիամինին. «Աստուած ողորմի քեզի, որդեակ իմ»։ Յովսէփ շուտով դուրս ելաւ. քանզի իր աղիքը գալարուեցան իր եղբօրը վրայ եւ լալու տեղ կը փնտռէր ու ներքին սենեակը մտաւ ու հոն լացաւ։ Ապա լուաց իր երեսը ու դուրս ելաւ եւ զսպեց ինքզինք ու ըսաւ. «Հաց բերէք»։ Իրեն զատ ու անոնց զատ եւ իրեն հետ ուտող Եգիպտացիներուն զատ կերակուր դրին. քանզի Եգիպտացիները Եբրայեցիներուն հետ հաց չէին կրնար ուտել, վասն զի Եգիպտացիներուն զզուելի էր։ Եգիպտացիները նստան անոր առջեւ, անդրանիկը իր անդրանկութեանը պէս եւ պզտիկը իր պզտկութեանը պէս եւ մարդիկը իրարու նայելով կը զարմանային։ Յովսէփ իր առջեւէն բաժիններ ղրկեց անոնց. բայց Բենիամինին բաժինը միւսներուն բաժինին հինգ անգամն էր եւ խմեցին ու անոր հետ մէկտեղ զուարթացան։ Յովսէփ իր տանը վերակացուին հրաման ըրաւ՝ ըսելով. «Այս մարդոց քուրձերը տանել կրցածնուն չափ լեցուր ու ամէն մէկուն ստակը իր քուրձին բերանը դիր։ Եւ ամենէն պզտիկին քուրձին բերանը՝ իմ գաւաթս, արծաթ գաւաթը ու իր պաշարին ստակը դիր»։ Անիկա Յովսէփին ըսած խօսքին պէս ըրաւ։ Առտուն լուսցածին պէս մարդիկը ղրկուեցան, իրենք ու իրենց էշերը։ Անոնք քաղաքէն դեռ հեռացած չէին երբ Յովսէփ իր տանը վերակացուին ըսաւ. «Ելի՛ր, այն մարդոց ետեւէն վազէ ու անոնց հասիր ու ըսէ անոնց. ‘Ինչո՞ւ բարիքին փոխարէն չարիք հատուցանեցիք։ Ինչո՞ւ իմ տիրոջս գաւաթը գողցաք։ Այս այն չէ՞, որուն մէջէն իմ տէրս կը խմէ ու անով կը հմայէ. այսպէս ընելով գէշութիւն ըրիք’»։ Վերակացուն հասաւ անոնց եւ ըսաւ անոնց այդ նոյն խօսքերը։ Անոնք ըսին անոր. «Ինչո՞ւ իմ տէրս այսպիսի խօսքեր կ’ըսէ. քա՛ւ լիցի որ քու ծառաներդ այսպիսի բան մը ընեն։ Ահա մեր քուրձերուն բերանը գտած ստակնիս Քանանի երկրէն քեզի բերինք. ուրեմն ի՞նչպէս քու տիրոջդ տունէն արծաթ կամ ոսկի պիտի գողնանք։ Քու ծառաներէդ որո՛ւն քով որ գտնուի, թող անիկա մեռնի ու մենք ալ մեր տիրոջը ծառաներ ըլլանք»։ Անիկա ըսաւ. «Հիմա ճիշդ ձեր ըսածին պէս թող ըլլայ. որուն քով որ գտնուի, ան ինծի ծառայ ըլլայ ու դուք անպարտ ըլլաք»։ Ուստի ամէն մէկը արտորալով իր քուրձը գետին իջեցուց ու ամէն մէկը իր քուրձը բացաւ Եւ անիկա մեծէն սկսաւ փնտռել ու մինչեւ պզտիկը նայեցաւ։ Եւ գաւաթը Բենիամինին քուրձին մէջ գտնուեցաւ։ Այն ատեն իրենց հանդերձները պատռեցին եւ ամէն մէկը իր էշը բեռցուց ու քաղաք դարձան։ Եւ Յուդան ու անոր եղբայրները Յովսէփին տունը եկան եւ անիկա տակաւին հոն էր ու անոր առջեւ գետինը ինկան։ Եւ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Այս ի՞նչ բան է որ ըրիք. չէ՞ք գիտեր որ ինծի պէս մարդ մը անշուշտ կը հմայէ»։ Յուդան ըսաւ. «Իմ տիրոջս ի՜նչ ըսենք, ի՜նչ խօսինք, կամ ի՜նչպէս արդարանենք ինքզինքնիս։ Աստուած քու ծառաներուդ յանցանքը բռնեց։ Ահա մենք մեր տիրոջ ծառաներ ենք, մենք ալ՝ անիկա ալ՝ որուն քով գաւաթը գտնուեցաւ»։ Յովսէփ ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի որ ես այդպէս ընեմ. հապա այն մարդը, որուն քով գաւաթը գտնուեցաւ, միայն անիկա ինծի ծառայ թող ըլլայ ու դուք խաղաղութեամբ ձեր հօրը ելէք»։ Այն ատեն Յուդան մօտեցաւ անոր ու ըսաւ. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, շնորհք ըրէ, թող քու ծառադ խօսք մը խօսի իմ տիրոջս ականջներուն ու ծառայիդ վրայ քու բարկութիւնդ չբորբոքի. վասն զի դուն Փարաւոնին պէս ես։ Իմ տէրս իր ծառաներուն հարցուց՝ ըսելով. ‘Հայր կամ եղբայր ունի՞ք’։ Եւ մենք ըսինք մեր տիրոջը թէ՝ ‘Ծեր հայր մը ունինք եւ թէ անիկա իր ծերութեան ատենը ծնած պզտիկ որդի մը ունի, որուն եղբայրը մեռած է եւ միայն անիկա իր մօրմէն մնացած է ու անոր հայրը կը սիրէ զանիկա’։ Եւ քու ծառաներուդ ըսիր. ‘Ինծի իջեցուցէք զանիկա, որ տեսնեմ’։ Եւ իմ տիրոջս ըսինք. ‘Տղան իր հայրը չի կրնար ձգել. քանզի եթէ իր հայրը ձգելու ըլլայ, անիկա պիտի մեռնի’։ Եւ քու ծառաներուդ ըսիր. ‘Եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը ձեզի հետ չիջնէ, իմ երեսս անգամ մըն ալ պիտի չտեսնէք’։ Ու երբ քու ծառայիդ՝ իմ հօրս քով ելանք, իմ տիրոջս խօսքերը պատմեցինք անոր։ Երբ մեր հայրը կրկին ըսաւ՝ ‘Գացէք նորէն ու մեզի քիչ մը կերակուր ծախու առէք’ Մենք ըսինք. ‘Չենք կրնար իջնել։ Եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ ըլլայ, այն ատեն կ’իջնենք. վասն զի պիտի չկրնանք տեսնել այն մարդուն երեսը, եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ չըլլայ’։ Եւ քու ծառադ՝ իմ հայրս՝ ըսաւ մեզի. ‘Դուք գիտէք որ իմ կինս երկու որդի ծնաւ ինծի Եւ մէկը քովէս ելաւ’։ Ու ես ըսի՝ ‘Անշուշտ գազանէ մը գիշատուած է ու մինչեւ հիմա զինք չտեսայ’։ Եւ եթէ ասիկա ալ քովէս առնէք ու անոր փորձանք մը պատահի, իմ ճերմակ մազերս տրտմութիւնով գերեզմանը պիտի իջեցնէք»։ Ուստի հիմա, երբ քու ծառայիդ՝ իմ հօրս՝ երթամ ու տղան մեզի հետ չըլլայ, անոր հոգին տղուն հոգիին հետ կապուած ըլլալով, Երբ տեսնէ թէ տղան մեզի հետ չէ, պիտի մեռնի եւ ծառաներդ քու ծառայիդ՝ մեր հօրը՝ ճերմակ մազերը տրտմութիւնով գերեզման պիտի իջեցնենք։ Վասն զի ծառադ տղուն համար իմ հօրս երաշխաւոր եղայ՝ ըսելով. ‘Եթէ ես զանիկա քեզի չբերեմ, իմ հօրս յաւիտեան յանցաւոր ըլլամ’։ Ուստի հիմա կ’աղաչեմ քեզի, տղուն տեղ ծառադ իմ տիրոջս ծառայ թող ըլլայ եւ տղան իր եղբայրներուն հետ թող ելլէ. Քանզի եթէ տղան ինծի հետ չըլլայ, ի՞նչպէս ելլեմ իմ հօրս. չըլլայ որ իմ հօրս գալու փորձանքը տեսնեմ»։ Յովսէփ չկրցաւ զսպել ինքզինք բոլոր իր քով կայնողներուն առջեւ ու պոռաց. «Քովէս դո՛ւրս հանեցէք բոլոր մարդիկը»։ Երբ Յովսէփ ինքզինք իր եղբայրներուն ճանչցուց, քովը մարդ մը չկեցաւ։ Ձայնը բարձրացնելով լացաւ։ Եգիպտացիք լսեցին ու Փարաւոնին տունն ալ լսեց։ Յովսէփ ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ես Յովսէփն եմ. իմ հայրս տակաւին ո՞ղջ է»։ Եղբայրները չէին կրնար պատասխան տալ անոր, վասն զի անոր առջեւ ապշած մնացին։ Յովսէփ ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ինծի մօտ եկէք»։ Անոնք ալ մօտ եկան եւ ըսաւ. «Ես ձեր եղբայրը Յովսէփն եմ, որ Եգիպտոս տարուելու ծախեցիք։ Ուստի զիս հոս ծախելնուդ համար մի՛ վշտանաք ու ձեզի ծանր չերեւնայ, վասն զի Աստուած ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ կեանք պահելու համար։ Քանզի երկրիս վրայ սովին երկրորդ տարին է այս եւ տակաւին հինգ տարի կայ՝ որ ո՛չ վարուցան, ո՛չ ալ հունձք պիտի ըլլայ։ Աստուած զիս ձեր առջեւէն ղրկեց՝ որպէս զի երկրի վրայ ձեզի սերունդ պահէ եւ մեծ ազատութիւնով ձեզ ապրեցնէ։ Արդ՝ զիս հոս ղրկողը դուք չէք, հապա Աստուած է ու զիս Փարաւոնին հայր եւ իր բոլոր տանը տէր ու Եգիպտոսին իշխան դրաւ։ Շուտով իմ հօրս ելէք ու ըսէք անոր՝ այսպէս կ’ըսէ քու Յովսէփ որդիդ. ‘Աստուած բոլոր Եգիպտոսի տէր ըրաւ զիս. մի՛ ուշանար, ինծի իջիր Եւ Գեսեմի երկրին մէջ բնակէ, որպէս զի իմ մօտ ըլլաս, դուն ու քու որդիներդ եւ քու որդիներուդ որդիները եւ հօտերդ ու արջառներդ եւ քու բոլոր ունեցածդ։ Հոն քեզ պիտի սնուցանեմ. վասն զի տակաւին հինգ տարի սով կայ. չըլլայ որ դուն ու քու տունդ եւ քու բոլոր ունեցածդ չքաւորութիւն քաշէք’։ Ահա ձեր աչքերը ու իմ եղբօրս Բենիամինին աչքերը կը տեսնեն, որ ձեզի խօսողը իմ բերանս է։ Եգիպտոսի մէջ իմ ունեցած բոլոր փառքս ու ձեր բոլոր տեսածը պատմեցէք իմ հօրս եւ շուտով իմ հայրս հոս իջեցուցէք»։ Եւ իր եղբօրը Բենիամինին պարանոցին վրայ ինկաւ ու լացաւ։ Բենիամինն ալ անոր պարանոցին վրայ լացաւ։ Իր բոլոր եղբայրները համբուրեց ու անոնց վրայ լացաւ եւ անկէ ետքը միայն իր եղբայրները իրեն խօսեցան։ Այս լուրը Փարաւոնին տանը մէջ լսուեցաւ թէ Յովսէփին եղբայրները եկեր են։ Փարաւոնին ու անոր ծառաներուն հաճելի եղաւ։ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Քու եղբայրներուդ ըսէ՝ ‘Ձեր անասունները բեռցուցէք ու Քանանի երկիրը գացէք Եւ ձեր հայրն ու ձեր ընտանիքները առէք ու ինծի եկէք եւ Եգիպտոսի ամենէն աղէկ տեղը ձեզի պիտի տամ ու երկրին պարարտութենէն պիտի ուտէք։ Եւ քեզի հրաման եղաւ, որ ձեր տղաքներուն համար ու ձեր կիներուն համար Եգիպտոսի երկրէն կառքեր առնէք ձեզի եւ ձեր հայրը բերէք։ Ձարե կարասիներուն մի՛ նայիք՝ ՝. վասն զի բոլոր Եգիպտոսի բարիքը ձերն է’»։ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին։ Յովսէփ անոնց կառքեր տուաւ Փարաւնին խօսքին պէս ու ճամբու համար պաշար տուաւ անոնց։ Անոնց ամէն մէկուն զատ զատ փոխելու հանդերձներ տուաւ, բայց Բենիամինին երեք հարիւր կտոր արծաթ ու հինգ ձեռք փոխելու հանդերձ տուաւ Եւ իր հօրը հետեւեալ բաները ղրկեց՝ տասը էշ Եգիպտոսի բարիքներով բեռցուած եւ տասը էգ էշ ցորենով ու հացով եւ ուտելիքներով բեռցուած, իր հօրը ճամբորդութեանը համար։ Այսպէս իր եղբայրները ղրկեց ու գացին եւ ըսաւ անոնց. «Ճամբուն մէջ չխռովիք»։ Անոնք Եգիպտոսէն ելան ու դէպի Քանանի երկիրը՝ իրենց հօրը Յակոբին՝ գացին Եւ անոր պատմեցին՝ ըսելով. «Յովսէփ տակաւին ողջ է ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին իշխանը անիկա է»։ Յակոբին սիրտը մարեցաւ, քանզի անոնց չհաւատաց։ Անոր պատմեցին Յովսէփին բոլոր խօսքերը, որոնք իրենց ըսեր էր։ Երբ տեսաւ Յովսէփին ղրկած կառքերը զինք տանելու համար, անոնց հօրը Յակոբին հոգին ողջնցաւ։ Եւ Իսրայէլ ըսաւ. «Բաւական է. իմ որդիս Յովսէփ տակաւին ողջ է. երթամ ու մեռնելէս առաջ տեսնեմ զանիկա»։ Իսրայէլ իր բոլոր ունեցածով ճամբայ ելաւ ու Բերսաբէէ եկաւ եւ իր հօրը Իսահակին Աստուծոյն զոհեր մատուցանեց։ Աստուած գիշերը տեսիլքի մէջ երեւցաւ Իսրայէլին ու ըսաւ. «Յակո՛բ, Յակո՛բ»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Աստուած ըսաւ անոր. «Ես եմ Աստուած, քու հօրդ Աստուածը. Եգիպտոս իջնելու մի՛ վախնար, վասն զի հոն մեծ ազգ մը պիտի ընեմ քեզ. Ես քեզի հետ Եգիպտոս պիտի իջնեմ, նաեւ քեզ անշուշտ պիտի հանեմ ու Յովսէփ պիտի դնէ իր ձեռքը քու աչքերուդ վրայ»։ Յակոբ ելաւ Բերսաբէէէն ու Իսրայէլի որդիները տարին իրենց հայրը Յակոբը ու իրենց տղաքները եւ իրենց կիները այն կառքերով, որոնք Փարաւոն ղրկեց զանիկա տանելու համար։ Առին իրենց ստացուածքը, որոնք Քանանի երկրին մէջ ստացեր էին։ Եգիպտոս եկան Յակոբ ու իր բոլոր սերունդը իրեն հետ. Իր որդիները ու իր որդիներուն որդիները իրեն հետ, իր աղջիկները ու իր որդիներուն աղջիկները եւ իր բոլոր սերունդը իրեն հետ Եգիպտոս բերաւ։ Ասոնք են Իսրայէլին որդիներուն անունները, որոնք Եգիպտոս եկան։ Յակոբ ու իր որդիները. Յակոբին անդրանիկը՝ Ռուբէն. Եւ Ռուբէնին որդիները՝ Ենովք ու Փաղղուս եւ Եսրոն ու Քարմի։ Եւ Շմաւոնին որդիները՝ Յամուէլ ու Յամին եւ Ոհադ ու Յաքին եւ Սահառ ու Քանանացի կնոջ որդին՝ Սաւուղ։ Եւ Ղեւիին որդիները՝ Գերսոն, Կահաթ ու Մերարի։ Եւ Յուդային որդիները՝ Էր ու Օնան եւ Սելօմ ու Փարէս եւ Զարա. բայց Էր ու Օնան Քանանի երկրին մէջ մեռան։ Եւ Փարէսին որդիները՝ Եսրոն ու Համուլ։ Եւ Իսաքարին որդիները՝ Թովղա ու Փուա եւ Յոբ ու Սամրօն։ Եւ Զաբուղոնի որդիները՝ Սարեդ ու Ելօն եւ Յաղէլ։ Ասոնք են Լիայի որդիները, որոնք Միջագետքի մէջ ծնաւ Յակոբին ու անոր Դինա աղջիկը։ Անոր բոլոր որդիները ու աղջիկները երեսունըերեք հոգի էին։ Եւ Գադին որդիները՝ Սափոն ու Անգի, Սունի եւ Եսբօն, Էրի ու Արօդի եւ Արելի։ Եւ Ասերին որդիները՝ Յեմնա ու Յեսուա եւ Յեսուի ու Բարիա եւ անոնց քոյրը՝ Սարա եւ Բարիայի որդիները՝ Քաբեր ու Մեղքիէլ։ Ասոնք են Զեղբայի որդիները՝ որ Լաբան իր Լիա աղջկան տուաւ եւ անիկա ծնաւ ասոնք Յակոբին՝ տասնըվեց հոգի։ Յակոբին կնոջ Ռաքէլին որդիները՝ Յովսէփ եւ Բենիամին։ Եւ Յովսէփին Եգիպտոսի երկրին մէջ Մանասէն ու Եփրեմը ծնան, որոնք Արեգ քաղաքի քուրմին, Պետափրայի աղջիկը Ասանէթ ծնաւ անոր։ Եւ Բենիամինին որդիները՝ Բաղա ու Բոքոր եւ Ասբէլ, Գերա ու Նէեման, Էհի ու Ռովս, Մուփիմ եւ Ոփիմ ու Արեդ։ Ասոնք են Ռաքէլին որդիները՝ որոնք ծնան Յակոբին, ամէնքը տասնըչորս հոգի։ Եւ Դանին որդին՝ Հուսիմ։ Եւ Նեփթաղիմին որդիները՝ Յասիէլ ու Գունի եւ Յասեր ու Սիլլեմ։ Ասոնք են Բաղղային որդիները՝ որ Լաբան իր Ռաքէլ աղջկան տուաւ ու անիկա Յակոբին ասոնք ծնաւ։ Ամէնքը եօթը հոգի էին։ Եւ Յակոբին հետ Եգիպտոս եկող բոլոր հոգիները, որ անոր երանքէն ելած էին, Յակոբին որդիներուն կիներէն զատ՝ ամէնքը վաթսունըվեց հոգի էին։ Եւ Յովսէփին որդիները՝ որ Եգիպտոսի մէջ անոր ծնան, երկու հոգի էին. Եգիպտոս գացող Յակոբին բոլոր տունը եօթանասուն հոգի էին։ Անիկա Յուդան իր առջեւէն ղրկեց Յովսէփին որ Գեսեմը ցուցնէ իրեն եւ անոնք Գեսեմի երկիրը եկան։ Եւ Յովսէփ իր կառքը պատրաստեց ու իր հայրը Իսրայէլը դիմաւորելու համար Գեսեմ ելաւ եւ երբ անոր դէմը ելաւ, անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու երկար ատեն անոր պարանոցին վրայ լացաւ։ Եւ Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Հիմա քու երեսդ տեսնելէս ետքը թող մեռնիմ, վասն զի տակաւին ողջ ես»։ Յովսէփ իր եղբայրներուն ու իր հօրը տանը ըսաւ. «Ելլեմ եւ Փարաւոնին պատմեմ ու ըսեմ անոր. ‘Իմ եղբայրներս ու իմ հօրս ընտանիքը՝ որ Քանանի երկրին մէջ էին, ինծի եկան. Անոնք հովիւներ են, որով խաշինքի տէր են եւ իրենց հօտերը ու իրենց արջառները եւ իրենց բոլոր ունեցածը բերին’։ Երբ Փարաւոն ձեզ կանչէ ու ըսէ՝ ‘Ի՞նչ է արհեստնիդ’, Ըսէք. ‘Քու ծառաներդ մեր մանկութենէն մինչեւ հիմա՝ մենք ալ, մեր հայրերն ալ, խաշինքի տէր ենք’. որպէս զի Գեսեմի երկրին մէջ բնակիք. վասն զի ամէն հովիւ Եգիպտացիներուն առջեւ գարշելի է»։ Յովսէփ եկաւ ու պատմեց Փարաւոնին ու ըսաւ. «Իմ հայրս ու եղբայրներս եւ անոնց հօտերն ու արջառները եւ անոնց բոլոր ունեցածը եկան Քանանի երկրէն եւ ահա Գեսեմի երկիրն են»։ Իր եղբայրներէն հինգ մարդ առաւ ու զանոնք Փարաւոնին ներկայացուց։ Փարաւոն ըսաւ անոր եղբայրներուն. «Ի՞նչ է ձեր արհեստը»։ Եւ անոնք Փարաւոնին ըսին. «Քու ծառաներդ հովիւներ ենք, մենք ալ, մեր հայրերն ալ»։ Նաեւ ըսին Փարաւոնին. «Այս երկրին մէջ պանդխտանալու եկանք. վասն զի Քանանի երկրին մէջ սովին սաստկանալուն համար, քու ծառաներուդ հօտերուն արածելիք չկայ, ուստի հիմա կ’աղաչենք, թող ծառաներդ Գեսեմի երկրին մէջ բնակին»։ Փարաւոն խօսեցաւ Յովսէփին՝ ըսելով. «Քու հայրդ ու եղբայրներդ քեզի եկան. Եգիպտոսը առջեւդ է. քու հայրդ ու եղբայրներդ երկրին ամենէն աղէկ տեղը բնակեցուր. Գեսեմի երկրին մէջ թող բնակին եւ եթէ անոնց մէջ ճարպիկ մարդիկ կան, զանոնք իմ հօտերուս վրայ վերակացու ըրէ»։ Յովսէփ իր հայրը բերաւ ու Փարաւոնին առջեւ հանեց։ Յակոբ օրհնեց Փարաւոնը։ Փարաւոն ըսաւ Յակոբին. «Քու կեանքիդ տարիներուն օրերը ո՞րչափ են»։ Եւ Յակոբ ըսաւ Փարաւոնին. «Իմ պանդխտութեանս տարիներուն օրերը հարիւր երեսուն տարի են. իմ կեանքիս տարիներուն օրերը քիչ ու ցաւով եղան ու իմ հայրերուս պանդխտութեան օրերուն մէջ եղած իրենց կեանքին տարիներուն օրերուն չհասան»։ Եւ Յակոբ օրհնեց Փարաւոնը ու դուրս ելաւ Փարաւոնին առջեւէն։ Յովսէփ Եգիպտոսի ամենէն աղէկ կողմը, Ռամսէսի երկրին մէջ, բնակեցուց իր հայրն ու եղբայրները եւ անոնց կալուածք տուաւ, ինչպէս Փարաւոն հրամայեր էր։ Յովսէփ իր հայրն ու եղբայրները եւ իր հօրը բոլոր տունը անոնց ընտանիքներուն համեմատ հացով կը սնուցանէր։ Բոլոր երկրին մէջ հաց չկար, վասն զի սովը խիստ սաստկացաւ ու Եգիպտոսի երկիրը եւ Քանանի երկիրը սովին պատճառաւ նուազեցան։ Յովսէփ պաշար ծախու առնողներէն՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Քանանի երկրին մէջ գտնուած բոլոր ստակը հաւաքեց եւ Փարաւոնին տունը տարաւ ստակը։ Երբ Եգիպտոսի ու Քանանի ստակը հատաւ, բոլոր Եգիպտացիները եկան Յովսէփին ու ըսին. «Մեզի հաց տուր։ Ստակ չըլլալուն համար ինչո՞ւ մեռնինք քու առջեւդ»։ Յովսէփ ըսաւ. «Ձեր անասունները բերէք եւ եթէ ստակ չկայ, ձեր անասուններուն փոխարէն տամ ձեզի»։ Անոնք իրենց անասունները Յովսէփին բերին եւ Յովսէփ հաց տուաւ անոնց՝ ձիերուն փոխարէն ու ոչխարներուն փոխարէն եւ արջառներուն փոխարէն ու էշերուն փոխարէն եւ այն տարին զանոնք հացով կերակրեց իրենց բոլոր անասուններուն փոխարէն։ Եւ երբ լմնցաւ այն տարին, հետեւեալ տարին եկան անոր ու ըսին. «Մեր տիրոջմէն չենք պահեր որ ստակը հատաւ եւ մեր անասուններն ալ մեր տիրոջը եղան. ալ բան մը չմնաց մեր տիրոջը առջեւ, բացի մեր անձերն ու երկիրը։ Ինչո՞ւ համար քու աչքիդ առջեւ մեռնինք մենք ու մեր երկիրը։ Մեզ ու մեր երկիրը հացով ծախու առ եւ մենք մեր երկիրովը Փարաւոնին ծառաներ ըլլանք եւ սերմ տուր մեզի որպէս զի ապրինք ու չմեռնինք եւ երկիրը ամայի չըլլայ»։ Յովսէփ բոլոր երկիրը Փարաւոնին համար ծախու առաւ, քանզի Եգիպտացիներու վրայ սովին սաստիկ ըլլալուն համար՝ անոնց ամէն մէկը իր արտը ծախեց ու երկիրը Փարաւոնին եղաւ։ Եգիպտոսի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը՝ ժողովուրդը քաղաքէ քաղաք՝ ՝ փոխադրեց։ Միայն քուրմերուն երկիրը ծախու չառաւ. վասն զի քուրմերը Փարաւոնէն կապուած բաժին ունէին ու կ’ուտէին իրենց բաժինը, որ Փարաւոն կու տար անոնց։ Ատոր համար իրենց երկիրը չծախեցին։ Եւ Յովսէփ ըսաւ ժողովուրդին. «Ահա այսօր ծախու առի ձեզ ու ձեր երկիրը Փարաւոնին համար. արդ ձեզի սերմ կու տամ ու սերմանեցէք երկիրը Եւ երկրի արդիւնքին հինգէն մէկը Փարաւոնին պիտի տաք ու չորս մասը ձերը պիտի ըլլայ, որպէս զի արտին սերմ՝ ու ձեզի եւ ձեր տանը մէջ եղողներուն ու ձեր տղաքներուն ուտելիք ըլլայ»։ Անոնք ըսին. «Մեզ ապրեցուցիր. թող մեր տիրոջը առջեւ շնորհք գտնենք ու Փարաւոնին ծառաներ ըլլանք»։ Յովսէփ այս օրէնքը հաստատեց Եգիպտոսի երկրին մէջ մինչեւ այսօր՝ որ հինգէն մէկը Փարաւոնին ըլլայ. բացի քուրմերուն երկրէն, որ Փարաւոնին չեղաւ։ Եւ Իսրայէլ կը բնակէր Եգիպտոսի երկրին մէջ, Գեսեմի երկիրը ու հոն կալուածք ստացան եւ աճեցան ու խիստ շատցան։ Յակոբ Եգիպտոսի մէջ տասնըեօթը տարի ապրեցաւ ու Յակոբին կեանքին տարիներուն օրերը հարիւր քառասունըեօթը տարի եղան։ Երբ Իսրայէլին մեռնելու օրերը մօտեցան, կանչեց իր Յովսէփ որդին ու ըսաւ անոր. «Եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ քեզի, ձեռքդ իմ երանքիս տակ դիր եւ ինծի մարդասիրութիւն ու ճշմարտութիւն ըրէ. կ’աղաչեմ քեզի՝ զիս Եգիպտոսի մէջ մի՛ թաղեր. Հապա իմ հայրերուս հետ ննջեմ ու դուն զիս Եգիպտոսէն հանէ եւ զիս անոնց գերեզմանը թաղէ»։ Յովսէփ ըսաւ. «Ես քու ըսածիդ պէս պիտի ընեմ»։ Յակոբ ըսաւ. «Ինծի երդում ըրէ»։ Յովսէփ երդում ըրաւ անոր։ Եւ Իսրայէլ անկողնին գլխուն վրայ երկրպագութիւն ըրաւ։ Այս բաներէն յետոյ Յովսէփին ըսուեցաւ. «Ահա քու հայրդ հիւանդ է»։ Անիկա ալ իր երկու որդիները՝ Մանասէն ու Եփրեմը՝ իրեն հետ առաւ։ Յակոբին պատմուեցաւ ու ըսուեցաւ. «Ահա քու որդիդ Յովսէփ քեզի կու գայ»։ Իսրայէլ ուժովցաւ ու անկողնին վրայ նստաւ։ Եւ Յակոբ ըսաւ Յովսէփին. «Ամենակարող Աստուած Քանանի երկիրը Լուզի մէջ երեւցաւ ինծի ու օրհնեց զիս Եւ ըսաւ ինծի. ‘Ահա քեզ պիտի աճեցնեմ ու շատցնեմ եւ քեզ շատ ժողովուրդներու հայր պիտի ընեմ եւ այս երկիրը քեզմէ ետքը քու սերունդիդ յաւիտենական կալուածք ըլլալու պիտի տամ’։ Հիմա քու երկու որդիներդ, որոնք ծնան քեզի Եգիպտոսի մէջ, Եգիպտոս գալէս առաջ, իմս են. Եփրեմն ու Մանասէն Ռուբէնին ու Շմաւոնին պէս իմս պիտի ըլլան։ Անոնցմէ ետքը քու ծնած որդիներդ քուկդ ըլլան ու իրենց ժառանգութեանը մէջ իրենց եղբայրներուն անուններովը կանչուին։ Երբ Միջագետքէն կու գայի, Քանանի երկրին մէջ այն ճամբուն վրայ, որ տակաւին Եփրաթա երթալու քիչ մը տեղ կայ, Ռաքէլ մեռաւ իմ քովս ու զանիկա հոն Եփրաթայի՝ այսինքն Բեթլեհէմի ճամբուն մէջ թաղեցի»։ Եւ Իսրայէլ տեսաւ Յովսէփին որդիները ու ըսաւ. «Ո՞վ են ասոնք»։ Յովսէփ ըսաւ իր հօրը. «Իմ որդիներս են, որոնք Աստուած հոս ինծի տուաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ինծի բեր զանոնք, որպէս զի օրհնեմ»։ Իսրայէլին աչքերը ծերութենէն ծանրացած էին, այնպէս որ չէր կրնար տեսնել։ Յովսէփ զանոնք մօտեցուց հօրը ու անիկա համբուրեց զանոնք ու գրկեց։ Ու Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Ես չէի յուսար, որ քու երեսդ պիտի կրնամ տեսնել եւ ահա Աստուած ինծի քու սերունդդ ալ ցուցուց»։ Յովսէփ հանեց զանոնք անոր ծունկերէն եւ իր երեսը ծռեց մինչեւ գետինը եւ խոնարհութիւն ըրաւ։ Յովսէփ առաւ անոնց երկուքն ալ, Եփրեմը իր աջ ձեռքով Իսրայէլին ձախ կողմը եւ Մանասէն իր ձախ ձեռքով Իսրայէլին աջ կողմը ու մօտեցուց անոր։ Իսրայէլ իր աջ ձեռքը երկնցուց ու Եփրեմին գլխուն վրայ դրաւ, որ պզտիկն էր ու իր ձախ ձեռքը Մանասէին գլխուն վրայ. անիկա խորհրդով իր ձեռքերը փոխեց, վասն զի Մանասէն անդրանիկն էր։ Օրհնեց Յովսէփը ու ըսաւ. «Այն Աստուածը, որուն առջեւ իմ հայրերս Աբրահամն ու Իսահակը քալեցին, այն Աստուածը, որ ծնած ատենէս մինչեւ հիմա զիս կերակրեց, Այն հրեշտակը, որ զիս ամէն տեսակ չարիքներէ ազատեց, օրհնէ այս տղաքները եւ իմ անունս ու իմ հայրերուս Աբրահամին եւ Իսահակին անունը ասոնց վրայ կանչուի ու երկրին մէջտեղը խիստ շատնան»։ Երբ Յովսէփ տեսաւ, որ իր հայրը աջ ձեռքը Եփրեմին գլխուն վրայ դրաւ, իրեն հաճելի չեղաւ, ուստի իր հօրը ձեռքը բռնեց, որպէս զի զանիկա Եփրեմին գլուն վրայէն Մանասէին գլխուն վրայ փոխադրէ։ Եւ Յովսէփ ըսաւ իր հօրը. «Ո՛չ այդպէս, հայր իմ. վասն զի անդրանիկը այս է։ Քու աջ ձեռքդ անոր գլխուն վրայ դիր» Իսկ հայրը չուզեց ու ըսաւ. «Գիտեմ, որդեա՛կ իմ. գիտեմ, ասիկա ալ ժողովուրդ պիտի ըլլայ եւ ասիկա ալ մեծ պիտի ըլլայ. բայց անոր պզտիկ եղբայրը անկէ աւելի մեծ պիտի ըլլայ ու անոր սերունդը խիստ մեծ ազգ պիտի ըլլայ»։ Եւ այն օրը օրհնեց զանոնք ու ըսաւ. «Իսրայէլ քեզմով պիտի օրհնէ, ‘Աստուած քեզ Եփրեմի պէս եւ Մանասէի պէս ընէ’» ըսելով ու Եփրեմը Մանասէէն առաջ դրաւ։ Եւ Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Ահա ես կը մեռնիմ եւ Աստուած ձեզի հետ ըլլայ։ Ձեզ ձեր հայրերուն երկիրը պիտի դարձնէ։ Քու եղբայրներէդ մէկ բաժին աւելի տուի քեզի, որը Ամօրհացիներուն ձեռքէն իմ սրովս ու աղեղովս առի»։ Յակոբ կանչեց իր որդիները ու ըսաւ. «Հաւաքուեցէք, որպէս զի ձեր գլխուն գալիքը պատմեմ ձեզի։ Հաւաքուեցէք ու ականջ տուէք, ո՛վ Յակոբի որդիներ, Ու ձեր հօրը Իսրայէլին մտիկ ըրէք։ Ո՛վ Ռուբէն, իմ անդրանիկս, Իմ ոյժս ու իմ զօրութեանս սկիզբը, Յարգութեան կատարելութիւնը ու զօրութեան կատարելութիւնը դուն ես։ Ջուրի պէս եռացիր, առաջին պիտի չըլլաս. Վասն զի քու հօրդ անկողինը մտար. Այն ատեն պղծեցիր զանիկա։ (Իմ անկողի՜նս մտաւ։) Շմաւոնն ու Ղեւին եղբայրներ են. Սուրերնին անիրաւութեան գործիքներ են։ Իմ հոգիս անոնց խորհուրդներուն մէջ թող չմտնէ, Իմ պատիւս անոնց ժողովին հետ թող չմիանայ. Վասն զի իրենց բարկութիւնով մարդ սպաննեցին Եւ իրենց կամապաշտութիւնով ցուլի ջիղ կտրեցին։ Անիծեա՛լ ըլլայ անոնց բարկութիւնը, վասն զի խիստ էր Ու անոնց սրտմտութիւնը, վասն զի սաստիկ էր. Զանոնք Յակոբին մէջ պիտի բաժնեմ Ու զանոնք Իսրայէլին մէջ պիտի ցրուեմ։ Ո՛վ Յուդա, քու եղբայրներդ քեզ պիտի գովեն. Քու ձեռքդ քու թշնամիներուդ պարանոցին վրայ թող ըլլայ. Քու հօրդ որդիները քեզի երկրպագութիւն թող ընեն։ Յուդա առիւծի ձագ է. Որդեա՛կ իմ, կողոպուտէն ելար։ Առիւծի պէս ծունկ կրկնեց, մատակ առիւծի պէս պառկեցաւ. Զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ։ Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի, Ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը, Մինչեւ որ Սելովը գայ Ու ժողովուրդները անոր հնազանդին. Իր աւանակը որթատունկին պիտի կապէ, Ու իր էգ իշուն ձագը ամենէն աղէկ որթատունկին։ Իր պատմուճանը գինիով պիտի լուայ Ու իր հանդերձը խաղողի արիւնով։ Իր աչքերը գինիէն կարմիր Ու իր ակռաները կաթէն ճերմակ պիտի ըլլան։ Զաբուղոնը ծովուն եզերքը պիտի բնակի Ու անիկա նաւերուն հանգիստը պիտի ըլլայ Եւ անոր սահմանը մինչեւ Սիդոն պիտի հասնի ։ Իսաքարը ուժեղ էշ մըն է, Որ գոմերուն մէջտեղ կը պառկի։ Տեսնելով որ հանգստութիւնը աղէկ էր Ու երկիրը՝ որ գեղեցիկ էր, Իր ուսը բեռցնելու խոնարհեցուց Ու հարկատու ծառայ եղաւ։ Դանը իր ժողովուրդը պիտի դատէ, Իսրայէլին ցեղերէն մէկուն պէս։ Դան ճամբու վրայ օձ մը պիտի ըլլայ Ու ճամբուն վրայ իժ մը, Որ ձիուն գարշապարը կը խածնէ, Այնպէս որ հեծեալը ետեւը կ’իյնայ։ Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի։ Գադին՝ գունդ մը վրան պիտի յարձակի։ Բայց վերջապէս ինք պիտի յարձակի։ Ասերին հացը պարարտ պիտի ըլլայ. Եւ ինք թագաւորին համադամ կերակուրներ պիտի տայ։ Նեփթաղիմը գեղեցիկ խօսքեր տուող Ազատ թողուած եղջերու մըն է։ Յովսէփը պտղատու ոստ մըն է, Աղբիւրին քով տնկուած պտղաբեր ոստ մը, Որուն բողբոջները պատի վրայ կ’ելլեն. Աղեղնաւորները վշտացուցին զանիկա Ու նետաձիգ եղան անոր ու ատեցին զանիկա. Բայց անոր աղեղը զօրաւոր մնաց Եւ իր ձեռքերուն բազուկները ուժովցան, Յակոբին հզօր Աստուծոյն ձեռքերովը։ Իսրայէլին վէմը եղող հովիւը անկէ է։ Ասիկա քու հօրդ Աստուծմէն է. որ քեզի պիտի օգնէ Եւ Ամենակարողէն, որ քեզ պիտի օրհնէ, Վերէն երկնքի օրհնութիւններովը, Ծիծերուն ու արգանդին օրհնութիւններովը։ Քու հօրդ օրհնութիւնները իմ նախնիքներուս օրհնութիւններէն Մինչեւ յաւիտենական բլուրներուն գագաթը՝ ՝ զօրացան. Յովսէփին գլխուն վրայ պիտի ըլլան Եւ անոր գագաթին վրայ, որ իր եղբայրներէն գերազանց է։ Բենիամինը պատառող գայլ պիտի ըլլայ. Առտուն որսը պիտի ուտէ Եւ գիշերը կողոպուտը պիտի բաժնէ»։ Ասոնք ամէնքը Իսրայէլին տասներկու ցեղերն են եւ այս է՝ որ անոնց հայրը խօսեցաւ անոնց ու օրհնեց զանոնք։ Ամէն մէկուն օրհնութեանը պէս օրհնեց զանոնք Եւ պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Ես իմ ժողովուրդիս պիտի խառնուիմ. իմ հայրերուս հետ այն այրին մէջ թաղեցէք զիս, որ Քետացի Եփրոնին արտին մէջ է. Այն այրին մէջ, որ Քանանի երկիրը՝ Մամբրէի ծայրը եղող Մաքփելայի արտին մէջ է, որ Աբրահամ արտին հետ մէկտեղ գերեզմանի կալուածքի համար Քետացի Եփրոնէն ծախու առաւ։ Աբրահամն ու անոր կինը Սառան հոն թաղեցին։ Իսահակն ու անոր կինը Ռեբեկան հոն թաղեցին. ես ալ Լիան հոն թաղեցի։ Այն արտը ու հոն եղած այրը Քետի որդիներէն ծախու առնուեցան»։ Յակոբ, երբ լմնցուց իր որդիներուն պատուէր տալը, իր ոտքերը անկողնին մէջ հաւաքեց ու հոգին աւանդեց եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։ Յովսէփ իր հօրը երեսին վրայ ինկաւ ու լացաւ եւ համբուրեց զանիկա։ Յովսէփ իր բժիշկ ծառաներուն հրամայեց, որ իր հայրը զմռսեն։ Եւ բժիշկները զմռսեցին Իսրայէլը։ Եւ անոր քառասուն օրը լմնցաւ. վասն զի զմռսուածներուն օրերը այսպէս կը լմննային։ Եգիպտացիք անոր համար եօթանասուն օր սուգ ըրին։ Երբ անոր սուգին օրերը լմնցան, Յովսէփ խօսեցաւ Փարաւոնին տանը՝ ըսելով. «Եթէ հիմա ձեր առջեւ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ ձեզի, Փարաւոնին ականջին խօսեցէք եւ ըսէք. ‘Իմ հայրս ինծի երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. «Ահա ես կը մեռնիմ. իմ գերեզմանիս մէջ, որ ես ինծի համար Քանանի երկրին մէջ փորեցի, զիս հոն թաղես»’ եւ հիմա շնորհք ըրէ, իմ հայրս թաղելու ելլեմ ու նորէն գամ»։ Փարաւոն ըսաւ. «Ելիր ու թաղէ քու հայրդ, ինչպէս անիկա քեզի երդում ընել տուաւ»։ Յովսէփ իր հայրը թաղելու ելաւ եւ Փարաւոնին բոլոր ծառաները, անոր տանը ծերերը ու Եգիպտոսի բոլոր ծերերը անոր հետ ելան։ Նաեւ Յովսէփին բոլոր տունը ու անոր եղբայրները եւ անոր հօրը տունը. միայն իրենց ընտանիքները ու իրենց հօտերը եւ իրենց արջառները Գեսեմի մէջ թողուցին։ Անոր հետ կառքեր ու ձիաւորներ ելան ու շատ մեծ բանակ մը եղաւ։ Եկան Ատադի կալը, որ Յորդանանի անդիի կողմն է. հոն մեծ ու խիստ սաստիկ լացով մը ողբացին եւ իր հօրը համար եօթը օր սուգ ըրաւ։ Այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները, երբ տեսան Ատադի կալին մէջ սուգին հանդէսը, ըսին. «Այս մեծ սուգ մը ըլլալու է Եգիպտացիներուն»։ Անոր համար անոր անունը Աբէլմիսրաիմ դրին, որ Յորդանանի անդիի կողմն է։ Յակոբին որդիները ըրին անոր՝ ինչպէս պատուիրեր էր։ Եւ անոր որդիները Քանանի երկիրը տարին զանիկա ու թաղեցին զանիկա Մամբրէի ծայրը եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ Աբրահամ գերեզմանի կալուածքի համար ծախու առաւ արտին հետ մէկտեղ Քետացի Եփրոնէն։ Յովսէփ իր հայրը թաղելէն յետոյ Եգիպտոս դարձաւ, ինք ու իր եղբայրները եւ այն ամէնքը որ իրեն հետ իր հայրը թաղելու ելան։ Յովսէփին եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը մեռաւ, ըսին իրենց մէջ. «Գուցէ Յովսէփ ոխ պահելով՝ պիտի հատուցանէ մեզի այն ամէն չարիքը որ ըրինք իրեն»։ Ուստի Յովսէփին պատգամաւոր ղրկեցին՝ ըսելով. «Քու հայրդ մեռնելէն առաջ պատուիրեց մեզի ու ըսաւ. «Յովսէփին այսպէս ըսէք. ‘Հիմա շնորհք ըրէ, քու եղբայրներուդ յանցանքը ու անոնց մեղքը ներէ, վասն զի քեզի չարութիւն ըրին’ եւ հիմա կ’աղաչենք քեզի, քու հօրդ Աստուծոյն ծառաներուն յանցանքը ներէ»։ Եւ Յովսէփ լացաւ, երբ անոնք խօսեցան իրեն։ Անոր եղբայրներն ալ գացին եւ անոր առջեւ ինկան ու ըսին. «Ահա մենք քու ծառաներդ ենք»։ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, միթէ ես Աստուծոյ տեղն եմ Եւ թէպէտ դուք ինծի դէմ չարութիւն խորհեցաք, բայց Աստուած զայն աղէկի դարձնել խորհեցաւ. այնպէս որ այս օրուան եղածին պէս՝ շատ ժողովուրդ ապրեցնէ։ Հիմա մի՛ վախնաք, ես ձեզ ու ձեր ընտանիքները պիտի կերակրեմ»։ Այսպէս մխիթարեց զանոնք քաղցրութեամբ խօսելով։ Յովսէփ Եգիպտոս բնակեցաւ, ինք եւ իր հօրը տունը։ Յովսէփ հարիւր տասը տարի ապրեցաւ։ Յովսէփ Եփրեմին որդիները մինչեւ երրորդ սերունդը տեսաւ եւ Մանասէին որդիին Մաքիրի որդիներն ալ Յովսէփին ծունկերուն վրայ ծնան։ Եւ Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. « Ահա ես կը մեռնիմ ու Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու ձեզ այս երկրէն պիտի հանէ դէպի այն երկիրը, որուն համար ինք երդում ըրաւ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին»։ Եւ Յովսէփ Իսրայէլի որդիներուն երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. «Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու իմ ոսկորներս ալ ասկէ հանեցէք»։ Յովսէփ հարիւր տասը տարեկան ըլլալով մեռաւ ու զմռսեցին զանիկա եւ տապանի մը մէջ դրին Եգիպտոսի մէջ։ Եգիպտոս գացող Իսրայէլի որդիներուն անունները ասոնք են. ամէն մէկը իր տունովը Յակոբին հետ գնաց. Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի ու Յուդա, Իսաքար, Զաբուղոն եւ Բենիամին, Դան ու Նեփթաղիմ, Գադ ու Ասեր։ Եւ Յակոբի երանքէն ելած բոլոր հոգիները եօթանասուն հոգի էին. Յովսէփն ալ Եգիպտոս էր։ Յովսէփ ու անոր բոլոր եղբայրները եւ բոլոր այն ազգը մեռան։ Եւ Իսրայէլին որդիները աճեցան ու բազմացան եւ շատցան ու խիստ զօրացան եւ այն երկիրը անոնցմով լեցուեցաւ։ Արդ Եգիպտոսի վրայ նոր թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։ Անիկա ըսաւ իր ժողովուրդին. «Ահա Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդը մեզմէ շատ ու զօրաւոր են. Եկէք խորամանկութիւն բանեցնենք անոնց դէմ, որ չըլլայ թէ շատնան ու երբ պատերազմ պատահելու ըլլայ, անոնք ալ մեր թշնամիներուն հետ միանան ու մեզի դէմ պատերազմին եւ այս երկրէն ելլեն»։ Անոր համար գործավարներ դրին անոնց վրայ, որպէս զի չարչարեն զանոնք ծանր գործերով։ Փարաւոնին շտեմարանին քաղաքներ՝ Փիթօմը ու Ռամսէսը՝ շինեցին։ Որչափ կը չարչարէին զանոնք, անոնք ա՛լ աւելի կը շատնային ու կ’աճէին։ Եգիպտացիները Իսրայէլի որդիներէն ձանձրացան Եւ բռնութեամբ կը ծառայեցնէին Իսրայէլի որդիները։ Անոնց կեանքը ծանր գործով՝ կաւով ու աղիւսներով եւ դաշտի ամէն տեսակ գործով կը դառնացնէին։ Ինչ ծառայութիւն որ անոնց ընել տային՝ բռնութեամբ կ’ընէին։ Եգիպտոսի թագաւորը խօսեցաւ Եբրայեցիներու մանկաբարձներուն, որոնցմէ մէկուն անունը՝ Սեփրա ու միւսին անունը՝ Փուա էր Ոը ըսաւ. «Եբրայեցի կիներուն տղաքը առած ատեննիդ՝ նստարաններուն վրայ պէտք է նայիք, եթէ տղայ է՝ պէտք է մեռցնէք զանիկա եւ եթէ աղջիկ է՝ թող ողջ մնայ»։ Բայց մանկաբարձները Աստուծմէ վախցան ու Եգիպտոսի թագաւորին իրենց ըսածին պէս չըրին. հապա արուներն ալ ողջ կը թողուին։ Եգիպտոսի թագաւորը կանչեց մանկաբարձները ու ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այս բանը ըրիք ու արուները ողջ թողուցիք»։ Եւ մանկաբարձները ըսին Փարաւոնին. «Քանզի Եբրայեցի կիները Եգիպտոսի կիներուն պէս չեն. վասն զի առոյգ են. մանկաբարձը անոնց չհասած՝ կը ծնանին»։ Անոր համար Աստուած մանկաբարձներուն բարիք ըրաւ եւ ժողովուրդը շատցաւ ու խիստ զօրացաւ։ Քանի որ մանկաբարձները Աստուծմէ վախցան, Աստուած ալ անոնց տուներ շինեց։ Այն ատեն Փարաւոն իր բոլոր ժողովուրդին հրամայեց՝ ըսելով. «Ամէն ծնած տղայ գետը նետեցէք եւ ամէն աղջիկ ողջ թողուցէք»։ Ղեւիի տունէն մէկը գնաց ու Ղեւիի մէկ աղջիկը կին առաւ։ Կինը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ Անոր գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ երեք ամիս պահեց զանիկա։ Երբ ա՛լ չէր կրնար պահել զանիկա, պրտուեղէն տապանակ մը առաւ անոր համար եւ կուպրով ու ձիւթով ծեփեց եւ տղան մէջը դրաւ ու գետին եզերքը եղած շամբին մէջ ձգեց։ Տղուն քոյրը հեռուն կայնեցաւ, որպէս զի տեսնէ թէ ի՞նչ պիտի պատահի անոր։ Երբ Փարաւոնին աղջիկը գետը իջաւ լուացուելու՝ անոր աղախինները գետին եզերքը կը պտըտէին։ Երբ շամբին մէջտեղը տապանակը տեսաւ, իր աղախինը ղրկեց, որ բերաւ զանիկա։ Երբ բացաւ՝ տղան տեսաւ։ Տղան կու լար։ Խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ. «Ասիկա Եբրայեցիներու տղաքներէն է»։ Այն ատեն տղուն քոյրը ըսաւ Փարաւոնին աղջկան. «Երթամ ու քեզի Եբրայեցիներէն ծիծ տուող կին մը կանչե՞մ, որ տղան սնուցանէ քեզի համար»։ Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ անոր. «Գնա՛»։ Աղջիկը գնաց ու իր մայրը կանչեց։ Փարաւոնին աղջիկը ըսաւ կնոջ. «Ա՛ռ այս տղան՝ սնուցանէ ինծի համար. ես քու վարձքդ կու տամ»։ Կինը առաւ տղան ու սնուցանեց զանիկա։ Երբ տղան մեծցաւ, Փարաւոնին աղջիկը բերաւ զանիկա, որը իրեն որդի ըրաւ եւ անոր անունը Մովսէս դրաւ ու ըսաւ. «Քանզի ջուրէն հանեցի զանիկա»։ Երբ Մովսէս մեծցաւ, իր եղբայրներուն գնաց ու անոնց ծանր գործերուն նայեցաւ։ Օր մը տեսաւ Եգիպտացի մը, որ իր Եբրայեցի եղբայրներէն մէկը կը ծեծէր։ Անդին ասդին նայելով տեսաւ որ մէ՛կը չկայ, մեռցուց Եգիպտացին ու աւազին մէջ թաղեց զանիկա։ Հետեւեալ օրը գնաց եւ ահա երկու Եբրայեցի մարդիկ կը կռուէին իրարու հետ։ Ըսաւ անոր, որ իրաւունք չունէր. «Ինչո՞ւ քու ընկերիդ կը զարնես»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ. զի՞ս ալ մեռցելու միտք ունիս, ինչպէս Եգիպտացին մեռցուցիր»։ Մովսէս վախցաւ ու ըսաւ. «Անշուշտ այս բանը իմացուած է»։ Երբ Փարաւոն լսեց այս բանը, Մովսէսը մեռցել ուզեց, բայց Մովսէս Փարաւոնին երեսէն փախաւ ու Մադիամի երկիրը գնաց եւ հորի մը քով նստաւ։ Մադիամի քուրմը եօթը աղջիկ ունէր։ Անոնք եկան եւ ջուր քաշեցին ու իրենց հօրը հօտին խմցնելու համար աւազանները լեցուցին։ Հովիւներ եկան ու վռնտեցին զանոնք. Մովսէս ելաւ ու օգնեց աղջիկներուն եւ անոնց հօտին ջուր խմցուց։ Երբ աղջիկները իրենց հօրը Ռագուէլին գացին, հայրը ըսաւ. «Ի՞նչ պատճառով այսօր շուտ եկաք»։ Անոնք ըսին. «Եգիպտացի մը մեզ հովիւներուն ձեռքէն ազատեց ու մեզի ալ շատ ջուր քաշեց ու հօտին խմցուց»։ Ան ալ ըսաւ իր աղջիկներուն. «Ո՞ւր է անիկա. ինչո՞ւ այն մարդը այդպէս թողուցիք. կանչեցէ՛ք զանիկա, որպէս զի հաց ուտէ»։ Մովսէս հաճեցաւ այն մարդուն հետ բնակիլ ու անիկա իր Սեպփօրա աղջիկը Մովսէսին կնութեան տուաւ։ Եւ կինը որդի մը ծնաւ եւ անիկա անոր անունը Գերսամ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Պանդուխտ եղայ օտար երկրին մէջ»։ Շատ օրեր ետքը Եգիպտոսի թագաւորը մեռաւ։ Իսրայէլի որդիները ծառայութեան պատճառով հառաչեցին ու աղաղակեցին։ Ծառայութեան համար անոնք աղաղակեցին Աստուծոյ։ Աստուած անոնց հեծեծանքը լսեց ու Աստուած յիշեց իր ուխտը՝ որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ ըրեր էր ։ Աստուած նայեցաւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ, գիտցաւ անոնց վիճակը ։ Մովսէս Մադիամի քուրմին՝ իր աներոջ՝ հօտը կ’արածէր։ Հօտը անապատին ետին քշելով Աստուծոյ լեռը, Քորեբ, հասաւ։ Եւ Տէրոջը հրեշտակը կրակի բոցով մորենիին մէջէն երեւցաւ անոր։ Անիկա տեսաւ որ ահա մորենին կրակով կը վառէր, բայց մորենին չէր սպառեր։ Մովսէս ըսաւ. «Հիմա երթամ ու այս մեծ տեսարանը տեսնեմ՝ թէ ինչո՞ւ համար մորենին չայրիր»։ Տէրը տեսաւ, որ անիկա տեսնելու եկաւ, Աստուած մորենիին մէջէն կանչեց անոր ու ըսաւ. «Մովսէ՛ս, Մովսէ՛ս» եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Աստուած ըսաւ. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերէդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է»։ Նաեւ ըսաւ անոր. «Ես եմ քու հօրդ Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը»։ Մովսէս իր երեսը ծածկեց, վասն զի Աստուծոյ նայելու վախցաւ։ Տէրը ըսաւ. «Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ Եւ զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու եւ զանոնք այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը, Քանանացիներու եւ Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու եւ Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու տեղը, տանելու եկայ։ Հիմա Իսրայէլի որդիներուն աղաղակը ինծի հասաւ ու Եգիպտացիներուն անոնց ըրած հարստահարութիւնն ալ տեսայ։ Ուստի եկո՛ւր, քեզ Փարաւոնին ղրկեմ, որ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ Եգիպտոսէն հանես»։ Եւ Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Ես ո՞վ եմ, որ Փարաւոնին երթամ ու Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանեմ»։ Աստուած ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հե՛տ պիտի ըլլամ եւ այս ըլլայ քեզի նշան՝ որ ես քեզ ղրկեր եմ. երբ ժողովուրդը Եգիպտոսէն հանես, այս լերանը վրայ պիտի պաշտէք Աստուած»։ Մովսէս ըսաւ Աստուծոյ. «Երբ ես երթամ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսեմ անոնց՝ ‘Ձեր հայրերուն Աստուածը զիս ձեզի ղրկեց’ եւ երբ ըսեն ինծի թէ՝ ‘Ի՞նչ է անոր անունը’, ի՞նչ ըսեմ անոնց»։ Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ»։ Եւ ըսաւ. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Զիս ՈՐ ԷՆ ղրկեց ձեզի’»։ Դարձեալ Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը, զիս ձեզի ղրկեց’. իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է։ Գնա՛ Իսրայէլի ծերերը մէկտեղ հաւաքէ՛ ու ըսէ՛ անոնց. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը, երեւցաւ ինծի ըսելով. ‘Արդարեւ, այցելութիւն ըրի ձեզի ու Եգիպտոսի մէջ ձեր քաշածը տեսայ. Ու ըսի որ ձեզ Եգիպտոսի չարչարանքէն դէպի Քանանացիներու եւ Ամօրհացիներու ու Փերեզացիներու եւ Խեւացիներու ու Յեբուսացիներու երկիրը, կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի հանեմ’։ Անոնք քու ձայնիդ մտիկ պիտի ընեն եւ դուն ու Իսրայէլի ծերերը Եգիպտոսի թագաւորին պիտի մտնէք ու ըսէք անոր. ‘Եբրայեցիներու Աստուածը Եհովան մեզի հանդիպեցաւ եւ հիմա կ’աղաչենք, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք դէպի անապատը, որպէս զի մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք’։ Ես գիտեմ թէ Եգիպտոսի թագաւորը պիտի չթողու ձեզ, որ երթաք, ո՛չ ալ՝ ՝ զօրաւոր ձեռքով։ Ես ձեռքս պիտի երկնցնեմ ու պիտի զարնեմ Եգիպտոսը իմ բոլոր հրաշքներովս, որոնք անոր մէջ պիտի ընեմ. միայն անկէ ետքը ձեզ պիտի թողու որ երթաք։ Այս ժողովուրդին շնորհք պիտի տամ Եգիպտացիներուն առջեւ ու երբ ելլէք, դատարկ պիտի չելլէք. Հապա ամէն կին իր դրացիին ու իր տանը մէջ բնակող կնոջմէն արծաթեղէն զարդեր ու ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ թող խնդրէ եւ անոնք ձեր որդիներուն ու աղջիկներուն վրայ պիտի դնէք ու Եգիպտոսը պիտի կողոպտէք»։ Մովսէս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Բայց անոնք ինծի պիտի չհաւատան, ոչ ալ իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն. քանզի պիտի ըսեն թէ՝ ‘Տէրը քեզի չերեւցաւ’»։ Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Այդ քու ձեռքինդ ի՞նչ է»։ Անիկա ըսաւ. «Գաւազան»։ Աստուած ըսաւ. «Գետինը ձգէ զայն»։ Անիկա գետինը ձգեց ու օձ եղաւ։ Մովսէս անոր առջեւէն փախաւ։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ երկնցուր ու պոչէն բռնէ»։ Անիկա իր ձեռքը երկնցուց ու զանիկա բռնեց եւ գաւազան եղաւ իր ձեռքին մէջ։ «Ասով պիտի հաւատան թէ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը երեւցաւ քեզի»։ Տէրը դարձեալ ըսաւ անոր. «Հիմա քու ձեռքդ ծոցդ դիր»։ Անիկա իր ձեռքը ծոցը դրաւ եւ երբ դուրս հանեց, ահա իր ձեռքը ձիւնի պէս ճերմակ ՝ բորոտ եղաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ձեռքդ նորէն ծոցդ դիր»։ Անիկա նորէն իր ձեռքը ծոցը դրաւ եւ երբ ծոցէն հանեց, ահա նորէն իր բնական մարմնին պէս եղաւ։ «Եթէ քեզի չհաւատան ու առաջին նշանին մտիկ չընեն, երկրորդ նշանին պիտի հաւատան։ Իսկ եթէ այս երկու նշաններուն ալ չհաւատան ու քու ձայնիդ ալ մտիկ չընեն՝ գետին ջուրէն ա՛ռ ու ցամաք գետինը թափէ՛։ Այն ջուրը որ գետէն առիր, ցամաքին վրայ արիւն պիտի ըլլայ»։ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, ես ճարտարախօս չեմ ո՛չ երէկ, ո՛չ միւս օր եւ ո՛չ ալ ծառայիդ հետ խօսելէդ յետոյ, հապա ես ծանրախօս ու ծանրալեզու եմ»։ Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Ո՞վ տուաւ մարդուն բերան, կամ ո՞վ ըրաւ համրը կամ խուլը կամ աչք ունեցողը կամ կոյրը. չէ՞ որ ես՝ Տէրս։ Ուստի գնա՛ հիմա ու ես՝ քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր իմ, կ’աղաչեմ, այս պատգամը որո՛ւ ձեռքով ղրկել կ’ուզես՝ ղրկէ»։ Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ Մովսէսին դէմ ու ըսաւ. «Ղեւտացի Ահարոնը քու եղբայրդ չէ՞. ես գիտեմ որ անիկա ճարտարախօս է. նաեւ ահա անիկա քեզ դիմաւորելու պիտի ելլէ։ Քեզ տեսածին պէս իր սրտին մէջ պիտի ուրախանայ։ Դուն խօսէ՛ անոր ու անոր բերանը խօսքեր դիր եւ ես քու բերնիդ ու անոր բերնին հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի ըսէք։ Եւ քու տեղդ անիկա թող խօսի ժողովուրդին եւ անիկա քեզի բերնի տեղ ըլլայ ու դուն անոր աստուծոյ տեղ ըլլաս։ Եւ այս գաւազանը ձեռքդ առ, որպէս զի անով նշանները ընես»։ Մովսէս գնաց իր Յոթոր աներոջը ու ըսաւ անոր. «Հիմա երթամ Եգիպտոսի մէջ եղող եղբայրներուս եւ նայիմ թէ տակաւին ո՞ղջ են անոնք»։ Յոթոր ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։ Տէրը Մադիամի մէջ ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, Եգիպտոս դարձի՛ր. վասն զի քու կեանքդ փնտռող բոլոր մարդիկը մեռան»։ Մովսէս իր կինը ու իր որդիները առաւ եւ իշու վրայ հեծցուց զանոնք ու Եգիպտոս դարձաւ։ Մովսէս Աստուծոյ գավազանը իր ձեռքը առաւ։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Երբ դառնաս՝ Եգիպտոս երթաս, նայէ որ Փարաւոնին առջեւ բոլոր հրաշքները ընես, որոնք քու ձեռքդ դրի եւ ես անոր սիրտը պիտի խստացնեմ ու ժողովուրդը պիտի չթողու։ Եւ ըսէ Փարաւոնին. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իսրայէլ իմ որդիս, իմ անդրանիկս է։ Քեզի կ’ըսեմ, Իմ որդիս թող տուր, որպէս զի զիս պաշտէ. բայց եթէ զանիկա թող տալ չուզես, ահա ես քու որդիդ, մանաւանդ քու անդրանիկդ, պիտի սպաննեմ’»։ Եւ եղաւ որ ճամբան իջած տեղը Տէրը անոր պատահեցաւ եւ ուզեց սպաննել զանիկա։ Ուստի Սեպփօրա սուր քար մը առաւ ու իր որդիին անթլփատութիւնը թլփատեց եւ անոր ոտքերուն ձգեց ու ըսաւ. «Իրաւցընէ դուն ինծի արիւնոտ ամուսին մըն ես»։ Այսպէս Տէրը թող տուաւ զանիկա. այն ատեն թլփատութեանը համար Սեպփօրա ըսաւ. «Արիւնոտ ամուսին մըն ես»։ Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Գնա՛ անապատը Մովսէսը դիմաւորելու»։ Անիկա գնաց ու Աստուծոյ լերանը վրայ պատահեցաւ եղբօրը եւ համբուրեց զանիկա։ Մովսէս Ահարոնին պատմեց Տէրոջը բոլոր խօսքերը, որ ղրկեց զինք եւ բոլոր նշանները, որոնք իրեն պատուիրեց։ Եւ Մովսէս ու Ահարոն գացին ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ծերերը հաւաքեցին։ Ահարոն Տէրոջը Մովսէսին ըսած բոլոր խօսքերը ըսաւ անոնց ու ժողովուրդին առջեւ նշաններ ըրաւ։ Ժողովուրդը հաւատաց։ Երբ լսեցին թէ՝ Տէրը այցելութիւն ըրած է Իսրայէլի որդիներուն, թէ՝ անոնց քաշած նեղութիւններուն նայած է, խոնարհեցան ու երկրպագութիւն ըրին։ Ետքը Մովսէս ու Ահարոն, Փարաւոնին գացին ու ըսին. «Իսրայէլի Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իմ ժողովուրդիս թուլատրէ, որպէս զի անապատին մէջ ինծի տօնախմբութիւն ընեն’»։ Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թուլատրեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար եւ Իսրայէլին ալ չեմ թուլատրեր»։ Անոնք ըսին. «Եբրայեցիներուն Աստուածը մեզի հանդիպեցաւ։ Հրաման տուր, որ երեք օրուան ճամբայ երթանք անապատին մէջ ու մեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանենք, որ չըլլայ թէ ժանտախտով կամ սրով մեզի դէմ ելլէ»։ Եգիպտոսի թագաւորն ըսաւ անոնց. «Ո՛վ Մովսէս ու Ահարոն, ինչո՞ւ ժողովուրդը իրենց գործերէն ետ կը թողուք. գացէ՛ք, աշխատեցէք»։ Փարաւոն ըսաւ. «Ահա հիմա երկրին ժողովուրդը շատ է ու դուք կը դադրեցնէք զանոնք գործելէ», Փարաւոն այն օրը ժողովուրդին գործավարներուն ու անոնց վերակացուներուն հրամայեց. «Երէկուան ու միւս օրուան պէս՝ ա՛լ ժողովուրդին յարդ մի՛ տաք աղիւս շինելու համար։ Թող իրենք երթան ու իրենց յարդ հաւաքեն։ Անոնցմէ ա՛յնքան աղիւս պահանջեցէք, որքան առաջ կը շինէին ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցնէք. վասն զի ծոյլ են ու անոր համար կը պոռան՝ ‘Երթանք, մեր Աստուծոյն զոհ մատուցանենք’։ Թող գործը այս մարդոց վրայ ծանրանայ, որպէս զի անով աշխատին ու փուճ խօսքերու մտիկ չընեն»։ Եւ ժողովուրդին գործավարներն ու վերակացուները ելան եւ ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Փարաւոն այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեզի յարդ չեմ տար. Դուք գացէք, ձեզի յարդ ճարեցէ՛ք, ուրկէ որ կրնաք գտնել’. բայց ձեր գործէն բան մը պիտի չպակսի»։ Այսպէս ժողովուրդը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ցրուեցան՝ յարդի տեղ խոզան հաւաքելու համար։ Գործավարները կը ստիպէին զանոնք ՝ ըսելով. «Ձեր ամէն օրուան գործը կատարեցէք, ինչպէս երբ յարդ ունէիք»։ Փարաւոնին գործավարները Իսրայէլի որդիներուն վրայ իրենց դրած վերակացուները ծեծեցին ու ըսին. «Ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն չափը երէկ ու այսօր ինչո՞ւ չլմնցուցիք առաջուան պէս»։ Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները եկան ու Փարաւոնին բողոքեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ քու ծառաներուդ այսպէս կ’ընես։ Քու ծառաներուդ յարդ չեն տար ու մեզի կ’ըսեն՝ ‘Աղիւսներ շինեցէք’։ Ահա քու ծառաներդ ծեծ կերան, մինչ յանցանքը ժողովուրդինն է»։ Անիկա ըսաւ. «Ծոյլ էք դո՛ւք, ծոյլ, անոր համար կ’ըսէք թէ՝ ‘Երթանք Տէրոջը զոհ մատուցանենք’, Ուստի հիմա գացէ՛ք, բանեցէք ու ձեզի յարդ պիտի չտրուի, բայց աղիւսներուն թիւը պիտի պահանջուի»։ Իսրայէլի որդիներուն վերակացուները ինքզինքնին փորձանքի մէջ տեսան, երբ ըսուեցաւ թէ ‘Ամէն օրուան ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն թիւէն չպակսեցնէք’»։ Փարաւոնին քովէն դուրս ելած ատեննին հանդիպեցան Մովսէսին ու Ահարոնին, որ իրենց կը սպասէին Ու ըսին անոնք. «Տէրը ձեզի նայի ու դատէ՛. վասն զի գարշելի ըրիք մեր հոտը Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ, մեզ սպաննելու համար անոնց ձեռքը սուր տալով»։ Մովսէս Տէրոջը դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ այս ժողովուրդը փորձանքի մէջ ձգեցիր եւ զիս ինչո՞ւ ղրկեցիր։ Քու անունովդ Փարաւոնին գալէս յետոյ, անիկա այս ժողովուրդը փորձանքի մէջ ձգեց ու դուն բնաւ չփրկեցիր քու ժողովուրդդ»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին ընելիքս հիմա պիտի տեսնես. որ հզօր ձեռքով պիտի թողու զանոնք ու հզօր ձեռքով պիտի վռնտէ զանոնք իր երկրէն»։ Եւ Աստուած շարունակեց ու ըսաւ Մովսէսին. «Ես եմ Եհովան Որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Ամենակարող Աստուծոյ անունով երեւցայ. բայց իմ Եհովա անունովս անոնց չյատնուեցայ։ Նաեւ անոնց հետ իմ ուխտս հաստատեցի, որ անոնց տամ Քանանի երկիրը, անոնց օտարութեան երկիրը, ուր պանդխտացան։ Լսեցի Իսրայէլի որդիներուն հառաչանքը, որոնք Եգիպտացիները ծառայեցուցին ու իմ ուխտս յիշեցի։ Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. ‘Ես եմ Եհովա’, ես ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն պիտի հանեմ ու ձեզ անոնց ծառայութենէն պիտի ազատեմ եւ ձեզ երկնցած բազուկով ու մեծ դատաստաններով պիտի փրկեմ Եւ ձեզ ինծի ժողովուրդ պիտի ընեմ ու ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ եւ պիտի գիտնաք թէ ձեզ Եգիպտացիներու ծանր գործերուն տակէն հանող Տէրը, ձեր Աստուածը, ես եմ։ Ձեզ այն երկիրը պիտի տանիմ, որ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին տալու երդում ըրի՝ ՝ ու զայն ձեզի ժառանգութիւն ըլլալու պիտի տամ։ Ես եմ Տէրը»։ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն այսպէս ըսաւ. բայց անոնք՝ հոգիի նեղութենէն ու գործին ծանրութենէն մտիկ չըրին Մովսէսին։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Մտի՛ր, խօսէ՛ Եգիպտոսի թագաւորին, որ Իսրայէլի որդիները իր երկրէն ազատէ»։ Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջը առջեւ՝ ըսելով. «Ահա Իսրայէլի որդիները ինծի մտիկ չըրին, Փարաւո՞ն ինչպէս մտիկ պիտի ընէ։ Արդէն ես ծանրալեզու եմ»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին ու հրաման ըրաւ անոնց, որ Իսրայէլի որդիներուն ու Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին երթան, Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանելու համար։ Անոնց հայրերուն տուներուն գլուխները ասոնք են. Իսրայէլի անդրանիկին Ռուբէնին որդիները՝ Ենովք, Փաղղուս, Եսրոն եւ Քամի։ Ասոնք են Ռուբէնին տոհմերը։ Շմաւոնին որդիները՝ Յամուէլ, Յամին, Ոհադ, Յաքին, Սահառ եւ Քանանացի կնոջ որդին Սաւուղ։ Ասոնք են Շմաւոնին տոհմերը։ Ղեւիին որդիներուն անունները իրենց ծնունդներուն համեմատ ասոնք են՝ Գերսոն, Կահաթ եւ Մերարի։ Ղեւիին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան։ Գերսոնին որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ Ղոբենի ու Սեմէի էին։ Կահաթին որդիները՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ։ Կահաթին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըերեք տարի եղան։ Մերարիին որդիները՝ Մոողի ու Մուսի։ Ղեւիին տոհմերը իրենց ծնունդներուն համեմատ ասոնք են։ Ամրամ իր հօրաքոյրը Յոքաբէդը իրեն կին առաւ, որ ծնաւ իրեն Ահարոնը ու Մովսէսը։ Ամրամին կեանքին տարիները հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան։ Իսահառին որդիները՝ Կորխ, Նափեկ եւ Զեքրի։ Ոզիէլին որդիները՝ Միսայէլ, Եղիսափան եւ Սեթրի։ Ահարոն իրեն կին առաւ Ամինադաբին աղջիկը, Նաասոնին քոյրը Եղիսաբէթը եւ ծնաւ իրեն Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը։ Կորխին որդիները՝ Ասիր, Եղկանա եւ Աբիասափ. ասոնք են Կորխին տոհմերը։ Ահարոնի որդին Եղիազար Փուտիէլի աղջիկներէն իրեն կին առաւ եւ ծնաւ իրեն Փենէհէսը։ Ասոնք են Ղեւտացիներու հայրերուն գլուխները իրենց տոհմերուն համեմատ։ Ասոնք են Ահարոնը ու Մովսէսը՝ որոնց ըսաւ Տէրը. «Իսրայէլի որդիները իրենց զօրքերովը Եգիպտոսի երկրէն հանեցէք»։ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հանելու համար Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին խօսողները ասոնք են. այս Մովսէսը ու Ահարոնը։ Այն օրը Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ։ Այն ատեն Տէրը Մովսէսին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ես եմ Եհովան. ամէն ինչ որ քեզի կ’ըսեմ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ըսէ»։ Մովսէս Տէրոջը առջեւ ըսաւ. «Ահա ես ծանրալեզու եմ ու Փարաւոնը ի՞նչպէս մտիկ պիտի ընէ ինծի»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Նայէ՛, քեզ Փարաւոնին աստուած ըրի ու թող եղբայրդ Ահարոն քու մարգարէդ ըլլայ։ Դուն իրեն ըսէ՛ այն ամէնը, որ քեզի կը հրամայեմ եւ քու եղբայրդ Ահարոն թող ըսէ Փարաւոնին, որպէս զի Իսրայէլի որդիները իր երկրէն արձակէ։ Ես Փարաւոնին սիրտը պիտի խստացնեմ ու իմ նշաններս ու հրաշքներս Եգիպտոսի երկրին մէջ պիտի շատցնեմ։ Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ ու ես իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ պիտի վերցնեմ եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլի որդիները՝ մեծ դատաստաններով պիտի հանեմ Եգիպտոսի երկրէն։ Երբ իմ ձեռքս Եգիպտոսի վրայ երկնցնեմ ու Իսրայէլի որդիները անոնց մէջէն հանեմ, այն ատեն պիտի գիտնան Եգիպտացիները, որ ես եմ Տէրը»։ Մովսէս եւ Ահարոն Տէրոջը իրենց պատուիրածին պէս ըրին։ Մովսէս ութսուն տարեկան էր ու Ահարոն ութսունըերեք տարեկան էր, երբ Փարաւոնին հետ խօսեցան։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Երբ Փարաւոն ձեզի խօսի ու ըսէ՝ ‘Ձեզի համար հրաշք ցուցուցէք’, այն ատեն Ահարոնին ըսէ՝ ‘Գաւազանդ ա՛ռ ու Փարաւոնին առջեւ նետէ՛’։ Անիկա վիշապ պիտի ըլլայ»։ Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրին։ Ահարոն իր գաւազանը նետեց Փարաւոնին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ եւ վիշապ եղաւ։ Եւ Փարաւոն իր իմաստուններն ու կախարդները կանչեց։ Եգիպտոսի մոգերը՝ անոնք ալ իրենց կախարդութիւններովը նոյնպէս ըրին։ Ամէն մէկը իր գաւազանը նետեց ու անոնք վիշապներ եղան. բայց Ահարոնին գաւազանը անոնց գաւազանները կլլեց։ Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը ըսեր էր։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին սիրտը խստացաւ, ժողովուրդը արձակել չուզեր։ Առտուն Փարաւոնին գնա՛։ Ահա անիկա դէպի ջուրը կ’ելլէ։ Դուն գետին եզերքը՝ անոր դէմ կայնէ եւ այն օձ դարձած գաւազանը ձեռքդ առ Ու ըսէ՛ անոր. «Եբրայեցիներուն Եհովա Աստուածը զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն անապատին մէջ. բայց մինչեւ հիմա մտիկ չըրիր’։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը. ‘Ասով գիտնաս թէ ես եմ Տէրը’։ Ահա ես իմ ձեռքս եղած գաւազանը գետին մէջի ջուրերուն պիտի զարնեմ ու արիւն պիտի դառնան Եւ գետին մէջ եղած ձուկերը պիտի մեռնին ու գետը պիտի հոտի ու Եգիպտացիները պիտի զզուին գետին ջուրէն»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ըսէ՛ Ահարոնին. ‘Գաւազանդ ա՛ռ ու ձեռքը երկնցուր Եգիպտացիներուն ջուրերուն վրայ, անոնց առուներուն վրայ, անոնց գետերուն վրայ ու անոնց լիճերուն վրայ եւ անոնց բոլոր ջրակոյտերուն վրայ, որպէս զի արիւն ըլլան։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ՝ փայտէ ու քարէ ամաններուն մէջի ջուրերը արիւն թող ըլլան»։ Եւ Մովսէս ու Ահարոն Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրին։ Ահարոն իր գաւազանը վերցուց ու Փարաւոնին առջեւ եւ անոր ծառաներուն առջեւ գետին ջուրերուն զարկաւ եւ գետին մէջի բոլոր ջուրերը արիւն դարձան։ Գետին մէջի ձուկերը մեռան ու գետը հոտեցաւ եւ Եգիպտացիները չէին կրնար գետէն ջուր խմել։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ արիւն կար։ Եգիպտոսի մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով նոյնպէս ըրին։ Փարաւոնին սիրտը նորէն կարծրացաւ ու Տէրոջը ըսածին պէս՝ անոնց մտիկ չըրաւ։ Փարաւոն դարձաւ ու իր տունը գնաց։ Աս ալ անոր սրտին չդպաւ՝ ՝։ Բոլոր Եգիպտացիները գետին բոլորտիքը փորեցին խմելու ջուրի համար. վասն զի գետին ջուրէն չէին կրնար խմել։ Տէրը գետը զարնելէն ետքը՝ եօթը օր անցաւ։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին մտի՛ր ու ըսէ՛ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի պաշտեն զիս։ Եւ եթէ զանոնք արձակել չուզես, ահա ես քու բոլոր սահմաններդ գորտերով պիտի զարնեմ։ Գետը շատ գորտեր պիտի հանէ ու անոնք պիտի ելլեն ու քու տանդ եւ ննջարանիդ ու անկողնիդ եւ քու ծառաներուդ տուներուն եւ քու ժողովուրդիդ ու քու թոնիրներուդ եւ խմորի տաշտերուդ մէջ պիտի մտնեն։ Գորտերը քու վրադ եւ ժողովուրդիդ վրայ ու բոլոր ծառաներուդ վրայ պիտի ելլեն’»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահարոնին այսպէս ըսէ՛. ‘Առուներուն վրայ, գետերուն վրայ ու լիճերուն վրայ ձեռքդ երկնցուր քու գաւազանովդ ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր հանէ’»։ Եւ Ահարոն երկնցուց իր ձեռքը Եգիպտոսի ջուրերուն վրայ եւ գորտեր ելան ու Եգիպտոսի երկիրը ծածկեցին։ Եւ մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններովը նոյնպէս ըրին ու Եգիպտոսի երկրին վրայ գորտեր հանեցին։ Փարաւոն կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Աղաչեցէ՛ք Տէրոջը, որ ինծմէ ու իմ ժողովուրդէս վերցնէ գորտերը ու ժողովուրդը պիտի արձակեմ, որպէս զի Տէրոջը զոհ մատուցանեն»։ Մովսէս ըսաւ Փարաւոնին. « Ժամանակ մը որոշէ ինծի. ե՞րբ քեզի համար ու ծառաներուդ համար եւ ժողովուրդիդ համար աղաչեմ, որ քեզմէ ու քու տուներէդ գորտերը կորսուին ու միայն գետին մէջ մնան»։ Անիկա ըսաւ. «Վաղը»։ Մովսէս ըսաւ. «Քու խօսքիդ պէս ըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ մեր Եհովա Աստուծոյն պէս մէկը չկայ։ Քեզմէ ու քու տուներէդ եւ քու ծառաներէդ ու քու ժողովուրդէդ գորտերը պիտի վերնան. միայն գետին մէջ պիտի մնան»։ Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնին քովէն ելան ու Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց այն գորտերուն համար, որոնք Փարաւոնին վրայ բերեր էր։ Եւ Տէրը Մովսէսին ըսածին պէս ըրաւ։ Տուներէն, բակերէն եւ արտերէն գորտերը մեռան։ Դէզ դէզ հաւաքեցին զանոնք ու երկիրը հոտեցաւ։ Բայց երբ Փարաւոն հանգստութիւնը տեսաւ, իր սիրտը խստացուց ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ըսէ՛ Ահարոնին. ‘Քու գաւազանդ երկնցուր ու երկրի հողին զարկ, որպէս զի Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ մուն ըլլայ’»։ Այնպէս ըրին։ Ահարոն իր ձեռքը երկնցուց ու իր գաւազանով հողին զարկաւ եւ մարդոց վրայ ու անասուններուն վրայ մուն եկաւ։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ երկրին բոլոր հողը մուն եղաւ։ Մոգերն ալ իրենց կախարդութիւններով փորձեցին՝ որպէս զի մուներ հանեն, բայց չկրցան։ Այսպէս մարդոց ու անասուններուն վրայ մուն եղաւ։ Մոգերը ըսին Փարաւոնին. «Այս Աստուծոյ մատն է»։ Բայց Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու անոնց մտիկ չըրաւ՝ Տէրոջը ըսածին պէս։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Առտուն կանուխ ելի՛ր ու Փարաւոնին առջեւ կայնէ՛. (Ահա անիկա դէպի ջուրը կ’ելլէ.) եւ ըսէ անոր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն, Եթէ իմ ժողովուրդս չարձակես, ես քու վրադ ու քու ծառաներուդ վրայ ու քու ժողովուրդիդ վրայ ու քու տուներուդ վրայ շանաճանճ պիտի ղրկեմ։ Եգիպտացիներուն տուները շանաճանճով պիտի լեցուին, նաեւ այն գետինը որուն վրայ անոնք կը քալեն ։ Բայց իմ ժողովուրդիս բնակած Գեսեմի երկիրը պիտի զատեմ ու հոն շանաճանճ պիտի չըլլայ. որպէս զի գիտնաս թէ երկրի մէջ ես եմ Տէրը։ Իմ ժողովուրդիս ու քու ժողովուրդիդ միջեւ խտրութիւն պիտի դնեմ։ Վաղը այս նշանը պիտի ըլլայ’»։ Տէրը այնպէս ըրաւ։ Փարաւոնին տանը եւ անոր ծառաներուն տուներուն ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ շատ շանաճանճ եկաւ ու շանաճանճին պատճառով երկիրը աւրուեցաւ։ Փարաւոն կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Գացէ՛ք ձեր Աստուծոյն զոհ մատուցանեցէք այս երկրին մէջ»։ Եւ Մովսէս ըսաւ. «Արժան չէ այսպէս ընել. վասն զի Եգիպտացիներու գարշելի սեպուածները Տէրոջը մեր Աստուծոյն զոհ պիտի մատուցանենք։ Եթէ Եգիպտացիներուն գարշելի սեպուածները իրենց աչքին առջեւ զոհ մատուցանելու ըլլանք, պիտի չքարկոծե՞ն մեզ։ Մենք երեք օրուան ճամբայ պիտի երթանք անապատին մէջ ու զոհ պիտի մատուցանենք մեր Տէր Աստուծոյն, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց»։ Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Ես ձեզ թող կուտամ որպէս զի երթաք անապատին մէջ ձեր Եհովա Աստուծոյն զոհ մատուցանէք, միայն թէ շատ հեռու չերթաք։ Ինծի համար աղաչեցէք»։ Մովսէս ըսաւ. «Ահա ես քու քովէդ կ’ելլեմ ու Տէրոջը կ’աղաչեմ, որ վաղը Փարաւոնէն, անոր ծառաներէն ու անոր ժողովուրդէն շանաճանճը վերցնէ, բայց Փարաւոն ա՛լ մեզ չխաբէ՝ ժողովուրդին անգամ մըն ալ թոյլ չտալով, որ Տէրոջը զոհ մատուցանէ»։ Մովսէս Փարաւոնին քովէն ելաւ ու Տէրոջը աղաչեց։ Տէրը Մովսէսին խօսքին պէս ըրաւ ու Փարաւոնէն, անոր ծառաներէն եւ անոր ժողովուրդէն շանաճանճը վերցուց։ Հատ մըն ալ չմնաց։ Փարաւոն այս անգամ ալ իր սիրտը խստացուց ու ժողովուրդը չարձակեց։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին գնա՛ ու ըսէ անոր. Եբրայեցիներու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն. Քանզի եթէ զանոնք արձակել չուզես ու տակաւին պինդ բռնես զանոնք, Ահա Տէրոջը ձեռքը դաշտին մէջ եղած քու հօտերուդ վրայ ըլլալով՝ ձիերուն, էշերուն, ուղտերուն, արջառներուն ու ոչխարներուն մէջ խիստ սաստիկ կոտորած պիտի ըլլայ։ Տէրը Իսրայէլի հօտերը ու Եգիպտոսի հօտերը պիտի զատէ եւ Իսրայէլի որդիներուն անասուններէն ոեւէ մէկը պիտի չմեռնի’»։ Տէրը ժամանակ որոշեց՝ ըսելով. «Վաղը Տէրը այս բանը պիտի ընէ երկրի վրայ»։ Եւ հետեւեալ օրը Տէրը այս բանը ըրաւ ու Եգիպտացիներու բոլոր հօտերը մեռան. բայց Իսրայէլի որդիներուն հօտերէն մէկը չմեռաւ։ Փարաւոն մարդ ղրկեց ու տեսաւ թէ Իսրայէլի հօտերէն մէկն ալ մեռած չէ։ Փարաւոնին սիրտը աւելի խստացաւ ու ժողովուրդը չարձակեց։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Առէ՛ք ձեռքերնիդ լեցուն հնոցի մոխիր։ Մովսէս դէպի երկինք թող ցանէ զայն՝ Փարաւոնին առջեւ Ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ փոշի պիտի ըլլայ, Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ պիտի ըլլան»։ Անոնք հնոցի մոխիրը առին ու Փարաւոնին առջեւ կայնեցան եւ Մովսէս դէպի երկինք ցանեց զայն ու մարդոց եւ անասուններուն վրայ խաղաւարտներ հանող ուռեցքներ եղան։ Մոգերը ուռեցքներուն պատճառով չկրցան կայնիլ Մովսէսին առջեւ. վասն զի ուռեցքները մոգերուն վրայ ալ ու բոլոր Եգիպտացիներուն վրայ ալ եղան։ Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը, ուստի անոնց մտիկ չըրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին յայտներ էր։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Առտուն կանուխ ելի՛ր, Փարաւոնին առջեւ կայնէ՛ ու անոր ըսէ՛. ‘Եբրայեցիներուն Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Արձակէ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն. Քանզի այս անգամ իմ բոլոր հարուածներս պիտի ղրկեմ քու վրադ եւ քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ վրայ, որպէս զի գիտնաս թէ բոլոր երկրի մէջ ինծի պէս մէկը չկայ։ Քանզի հիմա իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ՝ որպէս զի քեզ ու քու ժողովուրդդ ժանտախտով զարնեմ ու երկրէն պիտի կորսուիս։ Ասոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի։ Դուն տակաւին իմ ժողովուրդիս դէմ կենալով՝ պիտի չարձակե՞ս զանոնք։ Ահա վաղը այս ատեն խիստ սաստիկ կարկուտ պիտի տեղամ, որ անոր պէս Եգիպտոսի մէջ եղած չէ՝ անոր հաստատուած օրէն մինչեւ հիմա։ Հիմա մարդ ղրկէ՛ ու հաւաքէ քու հօտերդ ու ինչ որ ունիս դաշտին մէջ. քանզի ամէն մարդ ու անասուն որ դաշտին մէջ գտնուի ու տուները հաւաքուած չըլլան, անոնց վրայ կարկուտ պիտի իջնէ ու պիտի մեռնին»’»։ Փարաւոնին ծառաներէն ան որ Տէրոջը խօսքէն կը վախնար, իր ծառաները ու հօտերը տուներու մէջ հաւաքեց։ Ով որ Տէրոջը խօսքին ուշադրութիւն չըրաւ, իր ծառաները ու իր հօտերը դաշտին մէջ թողուց։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քու ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մարդոց ու անասուններուն վրայ եւ Եգիպտոսի երկրին մէջ եղած արտերուն բոլոր խոտին վրայ կարկուտ պիտի գայ»։ Մովսէս իր գաւազանը դէպի երկինք երկնցուց ու Տէրը որոտում եւ կարկուտ ղրկեց ու երկրին վրայ կարկուտ տեղացուց։ Եւ կարկուտ ու կարկուտին հետ՝ խառն կրակ եկաւ։ Այնպէս սաստիկ էր, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ազգ ըլլալէն ի վեր անոր պէս եղած չէր։ Կարկուտը Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ, դաշտը եղածին ամէնը, մարդէ մինչեւ անասուն զարկաւ ու դաշտին բոլոր ծառերը կոտրեց։ Միայն Գեսեմի երկրին մէջ, ուր Իսրայէլի որդիները կը բնակէին, կարկուտ չտեղաց։ Փարաւոն մարդ ղրկեց ու կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Այս անգամ մեղանչեցի. Եհովան արդար է եւ ես ու իմ ժողովուրդս յանցաւոր ենք։ Աղաչեցէ՛ք Տէրոջը, որ Աստուծոյ որոտումներն ու կարկուտը դադրին ու ձեզ պիտի արձակեմ եւ ա՛լ պիտի չկենաք»։ Մովսէս ըսաւ անոր. «Քաղաքէն դուրս ելածիս պէս՝ իմ ձեռքերս Տէրոջը պիտի երկնցնեմ ու որոտումները պիտի դադրին եւ ա՛լ կարկուտ պիտի չըլլայ, որպէս զի գիտնաս թէ երկիրը Տէրոջն է։ Բայց ես գիտեմ թէ դուն ու քու ծառաներդ տակաւին Տէր Աստուծմէ չէք վախնար»։ Քթանը ու գարին զարնուեցան. վասն զի գարին հասած էր ու քթանը հասկ կապած։ Բայց ցորենը ու հաճարը չզարնուեցան, վասն զի ուշ կը բուսնին։ Եւ Մովսէս Փարաւոնին քովէն քաղաքէն դուրս ելաւ ու ձեռքերը Տէրոջը երկնցուց։ Որոտումներն ու կարկուտը դադարեցան ու երկրին վրայ անձրեւ չտեղաց։ Փարաւոն երբ անձրեւին ու կարկուտին եւ որոտումին դադարիլը տեսաւ, նորէն մեղանչեց ու սիրտը խստացուց, նոյնպէս եւ իր ծառաները։ Եւ այսպէս՝ Փարաւոնին սիրտը կարծրացաւ ու Իսրայէլի որդիները չարձակեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին իմացուցեր էր։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ Փարաւոնին, վասն զի ես անոր սիրտը ու անոր ծառաներուն սիրտը խստացուցի, որպէս զի այս իմ նշաններս ցուցնեմ անոնց Եւ որպէս զի պատմես քու որդիիդ ու քու որդիիդ որդիին ականջներուն՝ ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն մէջ եւ իմ նշաններս, որոնք անոնց մէջ ցուցուցի, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։ Մովսէս ու Ահարոն գացին Փարաւոնին ու ըսին. «Եբրայեցիներու Եհովա Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մինչեւ ե՞րբ պիտի չկամիս խոնարհիլ իմ առջեւս. արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէս զի զիս պաշտեն։ Վասն զի եթէ իմ ժողովուրդս արձակել չուզես, ահա վաղը քու սահմաններուդ վրայ մարախներ պիտի ղրկեմ, Որոնք երկրին երեսը պիտի ծածկեն եւ մէ՛կը պիտի չկրնայ տեսնել երկիրը ու կարկուտէն ձեզի մնացածը պիտի ուտեն եւ արտին մէջ բուսած ձեր բոլոր ծառերը պիտի ուտեն Եւ քու տուներդ ու քու բոլոր ծառաներուդ տուները եւ բոլոր Եգիպտացիներուն տուները պիտի լեցուին, որ ո՛չ քու հայրերդ, ո՛չ ալ քու հայրերուդ հայրերը տեսած են, իրենց երկրի վրայ եղած օրէն մինչեւ այսօր’»։ Եւ դարձան ու Փարաւոնին քովէն դուրս ելան։ Փարաւոնին ծառաները ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ այս մարդը մեզի որոգայթ պիտի ըլլայ. արձակէ՛ մարդիկը, որ իրենց Եհովա Աստուածը պաշտեն. տակաւին չե՞ս գիտեր որ Եգիպտոս աւրուեցաւ»։ Մովսէս ու Ահարոն Փարաւոնին քով կանչուեցան եւ անիկա ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք ձեր Եհովա Աստուածը. բայց որո՞նք են գացողները»։ Մովսէս ըսաւ. Մեր մանուկներովն ու մեր ծերերովը պիտի երթանք, մեր տղաքներովն ու մեր աղջիկներովը, մեր հօտերովն ու մեր արջառներովը պիտի երթանք. քանզի տօն պիտի պահենք Տէրոջը»։ Փարաւոն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ։ Ես ձեզ ու ձեր տղաքները կ’արձակեմ։ Զգուշացէ՛ք, քանզի չարիք կայ ձեր առջեւ։ Ո՛չ, նախ՝ դուք այր մարդիկներդ գացէք ու Տէրը պաշտեցէք. վասն զի դուք ատիկա կ’ուզէիք»։ Փարաւոնին առջեւէն վռնտուեցան։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Երկնցուր քու ձեռքդ Եգիպտոսի երկրին վրայ մարախներու համար, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ ելլեն եւ երկրին բոլոր խոտը, կարկուտէն բոլոր մնացածը, ուտեն»։ Մովսէս երկնցուց իր գաւազանը Եգիպտոսի երկրին վրայ ու Տէրը բոլոր այն օրը ու բոլոր գիշերը երկրի վրայ արեւելեան հով փչել տուաւ։ Առտուն՝ արեւելեան հովը մարախներ բերաւ։ Մարախները Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն վրայ իջան։ Խիստ շատ էին. ասկէ առաջ այնքան մարախ տեսնուած չէր, ասկէ ետքն ալ պիտի չտեսնուի։ Բոլոր երկրին երեսը ծածկեցին ու երկիրը մթնցաւ ու երկրին բոլոր խոտը եւ կարկուտէն մնացած ծառերուն բոլոր պտուղները կերան։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ եղած ծառերուն վրայ եւ արտին խոտերուն վրայ բնաւ կանանչեղէն չմնաց։ Ուստի Փարաւոն շուտով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Ձեր Տէր Աստուծոյն ու ձեզի դէմ մեղանչեցի։ Հիմա շնորհք ըրէք, միայն այս անգամ ներեցէ՛ք յանցանքս ու ձեր Տէր Աստուծոյն աղաչեցէ՛ք, որ իմ վրայէս միայն այս հարուածը վերցնէ»։ Անոնք Փարաւոնին քովէն դուրս ելան ու Տէրոջը աղաչեցին։ Տէրը խիստ սաստիկ արեւմտեան հով մը ղրկեց, որ մարախները վերցուց ու Կարմիր ծովը քշեց զանոնք։ Եգիպտոսի բոլոր սահմաններուն մէջ մէկ մարախ չմնաց Բայց Տէրը կարծրացուց փարաւոնին սիրտը ու անիկա Իսրայէլի որդիները չարձակեց։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ դէպի երկինք երկնցուր, որպէս զի Եգիպտոսի երկրին վրայ խաւար ըլլայ, շօշափելի խաւար մը»։ Եւ Մովսէս իր ձեռքը դէպի երկինք երկնցուց ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ թանձր խաւար եղաւ երեք օր. Մէկզմէկ չէին տեսներ եւ երեք օր մէ՛կը տեղէն չշարժեցաւ, բայց Իսրայէլի որդիները իրենց բնակութիւններուն մէջ լոյս ունէին։ Փարաւոն կանչեց Մովսէսը ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, պաշտեցէ՛ք Եհովան. միայն ձեր հօտերն ու արջառները մնան. ձեր ընտանիքներն ալ ձեզի հետ թող երթան»։ Մովսէս ըսաւ. «Պէտք է որ դուն մեր ձեռքը զոհեր ու ողջակէզներ ալ տաս, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն մատուցանենք։ Մեր հօտերն ալ մեզի հետ պիտի երթան, անոնցմէ կճղակ մը չմնալով. վասն զի մեր Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնցմէ պարտինք առնել։ Մինչեւ որ հոն չերթանք, չենք գիտեր թէ ինչո՞վ պիտի պաշտենք Տէրը»։ Տէրը կարծրացուց Փարաւոնին սիրտը եւ ան մերժեց արձակել զանոնք։ Եւ Փարաւոն ըսաւ Մովսէսին. «Քովէս գնա՛, զգուշութիւն ըրէ անձիդ, անգամ մըն ալ իմ երեսս չտեսնես. քանզի այն օրը որ իմ երեսս տեսնես, պիտի մեռնիս»։ Մովսէս ըսաւ. «Աղէ՛կ ըսիր, անգամ մըն ալ քու երեսդ պիտի չտեսնեմ»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոնին վրայ ու Եգիպտոսին վրայ հարուած մըն ալ պիտի բերեմ, անկէ յետոյ ձեզ ասկէ պիտի արձակէ եւ երբ ձեզ արձակէ, ձեզ ասկէ բոլորովին դուրս պիտի ընէ։ Հիմա խօսէ ժողովուրդին ականջներուն ու ամէն մարդ իր դրացիէն եւ ամէն կին իր դրացիէն արծաթեղէն ու ոսկեղէն զարդեր թող խնդրէ»։ Տէրը շնորհք տուաւ ժողովուրդին Եգիպտացիներուն առջեւ։ Մովսէս ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ Փարաւոնին ծառաներուն առջեւ ու ժողովուրդին առջեւ խիստ մեծ մարդ մըն էր։ Մովսէս ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կէս գիշերին Եգիպտոսի մէջ պիտի ելլեմ Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ պիտի մեռնի, իր աթոռին վրայ նստող Փարաւոնին անդրանիկէն մինչեւ աղօրիքին ետեւը եղող աղախինին անդրանիկը եւ բոլոր անասուններուն անդրանիկը։ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ մեծ աղաղակ պիտի ըլլայ, այնպէս որ անոր պէս ո՛չ եղած է, ո՛չ ալ նորէն պիտի ըլլայ։ Իսրայէլի որդիներէն մէկո՛ւն դէմ, մարդէն մինչեւ անասուն, շուն մըն ալ պիտի չշարժէ իր լեզուն. որպէս զի գիտնաք թէ Տէրը Եգիպտացիներուն ու Իսրայէլի միջեւ տարբերութիւն կը դնէ։ Եւ բոլոր քու ծառաներդ ինծի պիտի գան ու ինծի խոնարհութիւն ընեն՝ ըսելով. ‘Դուն ու բոլոր քեզի հետեւող ժողովուրդը ելէք’։ Անկէ ետքը պիտի ելլեմ’»։ Մովսէս սաստիկ բարկութեամբ Փարաւոնին քովէն դուրս ելաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Փարաւոն ձեզի մտիկ պիտի չընէ, որպէս զի իմ հրաշքներս շատցնեմ Եգիպտոսի մէջ»։ Մովսէս ու Ահարոն այս ամէն հրաշքները Փարաւոնին առջեւ ըրին։ Տէրը կարծրացուց փարաւոնին սիրտը ու Իսրայէլի որդիները իր երկրէն չարձակեց։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին Եգիպտոսի մէջ՝ ըսելով. «Այս ամիսը ձեզի ամիսներուն սկիզբն ըլլայ։ Ձեզի տարուան ամիսներուն առաջինն ըլլայ։ Իսրայէլի ժողովուրդին ըսէք. ‘Այս ամսուան տասին ամէն մէկը իրեն գառնուկ մը թող առնէ իրենց հայրերուն տանը համեմատ, այսինքն տուն գլուխ մէկ գառնուկ։ Եթէ մէկ տունը մէկ գառնուկի համար քիչ գայ, այն մարդը իր տանը դրացիին հետ հոգիներուն համրանքին համեմատ առնէ. գառնուկին վրայով ամէն մէկուն իր կերածին չափ հաշիւ ըրէք։ Ձեր գառնուկը անարատ, արու, մէկ տարեկան ըլլայ։ Ոչխարներէն կամ այծերէն առնէք զայն ։ Մինչեւ այս ամսուան տասնըչորրորդ օրը պահէք զայն, ապա Իսրայէլի ժողովին բոլոր ժողովուրդը մորթեն զանիկա իրիկուան դէմ՝ ՝։ Անոր արիւնէն առնեն ու տուներուն երկու կողմի դրանդիքներուն ու վերի սեմին վրայ քսեն, ուր զանիկա պիտի ուտեն։ Միսը նոյն գիշերը ուտեն։ Զանիկա կրակի վրայ խորոված՝ բաղարջով ու լեղի խոտերով թող ուտեն։ Անկէ՝ հում կամ ջուրի մէջ եփած չուտէք, բայց կրակի վրայ խորոված, անոր գլուխը ոտքերովը ու փորոտիքովը ուտէք ։ Անկէ բան մը չթողուք մինչեւ առտու։ Ինչ որ առտուն մնայ, կրակով այրեցէք։ Այսպէս պիտի ուտէք զայն. ձեր գօտիները մէջքերնիդ ու ձեր կօշիկները ոտքերնիդ եւ ձեր ցուպերը ձեռքերնիդ ըլլալով՝ զանիկա արտորնօք ուտէք։ Տէրոջը զատիկն է այն։ Այն գիշերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի անցնիմ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները, մարդ կամ անասուն, պիտի զարնեմ։ Եգիպտոսի բոլոր աստուածներուն վրայ դատաստան պիտի կատարեմ։ Ես եմ Տէրը։ Արիւնը ձեր տուներուն վրայ նշանի համար ըլլայ, որպէս զի երբ արիւնը տեսնեմ, ձեր վրայէն անցնիմ եւ հարուածը ձեր վրայ չգայ ձեզ կորսնցնելու, երբ Եգիպտոսի երկիրը զարնեմ։ Այն օրը ձեզի յիշատակի համար ըլլայ եւ զանիկա Տէրոջը տօն պահէք. ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը տօն պահէք զայն։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտէք. առաջին օրը պէտք է ձեր տուներէն դուրս ձգէք խմորը, վասն զի առաջին օրէն մինչեւ եօթներորդ օրը ով որ խմորեալ հաց ուտէ, այն անձը Իսրայէլէն պիտի կորսուի։ Առաջին օրը սուրբ ժողով մը ըլլայ, եօթներորդ օրն ալ ձեզի սուրբ ժողով մը ըլլայ։ Այն օրերը պէտք չէ ոեւէ գործ գործէք, միայն ամէն մէկը իր ուտելիքը կրնայ պատրաստել։ Բաղարջներու տօնը պահեցէ՛ք, քանզի նոյն օրը ձեր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն պիտի հանեմ, ուստի ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոնով մը այն օրը պահեցէք։ Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրուան իրիկունէն մինչեւ ամսուան քսանըմէկերորդ օրուան իրիկունը բաղարջ պիտի ուտէք։ Եօթը օր տուներնիդ խմոր պիտի չգտնուի. քանզի ով որ խմորեալ հաց ուտէ, այն անձը Իսրայէլէն պիտի կորսուի, օտարական ըլլայ թէ բնիկ։ Խմորեալ բան մը պիտի չուտէք։ Ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ բաղարջ պիտի ուտէք’»։ Մովսէս կանչեց Իսրայէլին բոլոր ծերերը ու ըսաւ անոնց. «Ձեր ընտանիքներուն համեմատ ընտրեցէ՛ք, առէ՛ք ձեզի մէկմէկ գառ ու զատկին համար մորթեցէ՛ք։ Զոպայի փունջ մը առէք ու կոնքին մէջ եղած արիւնը թաթխեցէ՛ք եւ դրանը վրայի սեմին ու երկու քովի դրանդիքներուն վրայ՝ կոնքին մէջ եղած արիւնէն քսեցէք։ Մինչեւ առտու ձեզմէ մէ՛կը իր տանը դռնէն դուրս թող չելլէ. Քանզի Տէրը պիտի անցնի Եգիպտացիները զարնելու համար։ Եթէ դրանը վրայի սեմին ու երկու կողմէ դրանդիքներուն վրայ արիւն տեսնէ, Տէրը այն դրանը վրայէն պիտի անցնի եւ պիտի չթողու սատակիչը՝ որ ձեր տուները մտնէ ձեզ զարնելու համար։ Այս բանը ձեզի ու ձեր որդիներուն կանոն ըլլալու համար պահեցէք յաւիտեան։ Երբ այն երկիրը երթաք, որ Տէրը ձեզի պիտի տայ իր խոստումին համաձայն, այս տօնը պահեցէք Եթէ ձեր որդիները ձեզի ըսեն թէ ‘Այս տօնով ի՞նչ կ’ուզէք’, Ըսէք թէ ‘Ասիկա Տէրոջը զատկին զոհն է, քանզի Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն տուներուն վրայէն անցաւ, երբ Եգիպտացիները զարկաւ, մեր տուները ազատեց’։ Ժողովուրդը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ»։ Իսրայէլի որդիները գացին ու Տէրոջը Մովսէսին ու Ահարոնին պատուիրածին պէս ըրին։ Կէս գիշերին Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ զարկաւ, իր աթոռը նստող Փարավոնին անդրանիկէն մինչեւ բանտին մէջ եղած գերիին անդրանիկը եւ ամէն անասունի անդրանիկը։ Գիշերը Փարաւոն ելաւ ու անոր բոլոր ծառաները եւ բոլոր Եգիպտացիները ու Եգիպտոսի մէջ մեծ աղաղակ մը բարձրացաւ. քանզի տուն չկար, ուր մեռեալ չըլլար։ Գիշերով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ. «Ելէ՛ք իմ ժողովուրդիս մէջէն՝ դո՛ւք ալ եւ Իսրայէլի որդիներն ալ ու գացէ՛ք պաշտեցէ՛ք Եհովան՛ ինչպէս ըսիք։ Նաեւ ձեր հօտերն ու ձեր արջառները առէ՛ք ու գացէ՛ք եւ զիս ալ օրհնեցէ՛ք»։ Եգիպտացիները բռնադատեցին ժողովուրդը, որ շուտով այն երկրէն դուրս ղրկեն զանոնք. քանզի ըսին. «Ամէնքս ալ կը մեռնինք»։ Ժողովուրդը իրենց խմորի տաշտերը իրենց լաթերովը փաթթած ուսերնուն վրայ վերցուցին։ Իսրայէլի որդիները Մովսէսին խօսքին պէս ըրին ու Եգիպտացիներէն արծաթեղէն զարդեր եւ ոսկեղէն զարդեր ու հանդերձներ խնդրեցին։ Տէրը ժողովուրդին շնորհք տուաւ Եգիպտացիներուն առջեւ, այնպէս որ Եգիպտացիները անոնց խնդրածը տուին։ Անոնք կողոպտեցին Եգիպտացիները։ Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէն դէպի Սոկքովթ չուեցին։ Ընտանիքներէն զատ վեց հարիւր հազարի չափ հետեւակ այր մարդիկ էին։ Անոնց հետ խառն բազմութիւն ալ ելաւ։ Ոչխարները ու արջառները խիստ շատ էին։ Եգիպտոսէն իրենց հանած զանգուածէն անխմոր շօթեր եփեցին, վասն զի խմորեալ չէր. քանզի Եգիպտոսէն վռնտուեցան ու չէին կրնար տնտնալ։ Իրենց պաշար ալ չէին պատրաստած։ Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի որդիներուն բնակած ժամանակը չորս հարիւր երեսուն տարի էր։ Չորս հարիւր երեսուն տարիներուն վերջին օրը Տէրոջը բոլոր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն ելան։ Ասիկա Տէրոջը համար պահելու գիշեր մըն է, վասն զի զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեց։ Այդ այն գիշերն է Տէրոջը համար Իսրայէլի բոլոր որդիներէն իրենց ազգերուն մէջ պահուելու։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Այս է զատկին կանոնը։ Բնաւ օտարական մը անկէ պիտի չուտէ, Բայց ամէն մարդու ստակով ծախու առած ծառան, թլփատուելէ ետք կրնայ ուտել։ Օտարականն ու վարձկանը անկէ պիտի չուտեն։ Մէկ տան մէջ պիտի ուտուի ան։ Տունէն դուրս պիտի չհանուի այդ միսը ու անոր ոեւէ ոսկորը պիտի չկոտրէք։ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը այս թող ընէ։ Եթէ օտարական մը քու քովդ պանդխտանալու ըլլայ ու Տէրոջը զատիկ ընել ուզէ, թող թլփատուի։ Այն ատեն կրնայ մօտենալ ու ինք երկրի բնիկի պէս թող ըլլայ. քանզի անթլփատ մէկը բնաւ անկէ պիտի չուտէ։ Բնիկին ու ձեր մէջ բնակող օտարականին մէկ օրէնք ըլլալու է»։ Իսրայէլին բոլոր որդիները Տէրոջը Մովսէսին ու Ահարոնին պատուիրածին պէս ըրին։ Նոյն օրը Տէրը Եգիպտոսի երկրէն հանեց Իսրայէլի որդիները իրենց զօրքերովը։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Սրբէ՛ ինծի ամէն անդրանիկ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն արգանդ բացողը, մարդ կամ անասուն։ Ան իմս է»։ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Յիշեցէ՛ք այն օրը, երբ Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ ելաք, վասն զի Տէրը զօրաւոր ձեռքով ձեզ անկէ հանեց։ Խմորեալ հաց պիտի չուտէք։ Դուք այսօր ելաք, Ապիպ ամսուան մէջ։ Երբ Տէրը տանելու ըլլայ քեզ Քանանացիներու ու Քետացիներու եւ Ամօրհացիներու ու Խեւացիներու եւ Յեբուսացիներու երկիրը, որոնք քեզի տալու համար քու հայրերուդ երդում ըրաւ՝ այն երկիրը ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, այս ամսուան մէջ պիտի կատարես այս պաշտօնը։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես եւ եօթներորդ օրը տօն պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Այն եօթը օրերուն մէջ բաղարջ պիտի ուտուի ու քովդ խմորեալ հաց պիտի չտեսնուի, ո՛չ ալ քու քովդ խմոր պիտի տեսնուի քու բոլոր սահմաններուդ մէջ։ Այն օրը քու որդիիդ պիտի պատմես՝ ‘Այս անոր համար է, որ Տէրը ըսաւ ինծի, երբ ես Եգիպտոսէն ելայ։ Ասիկա քեզի նշանի համար պիտի ըլլայ ձեռքիդ վրայ ու քու աչքերուդ մէջտեղ յիշատակի համար, որպէս զի Տէրոջը օրէնքը քու բերնիդ մէջ ըլլայ. վասն զի Տէրը զօրաւոր ձեռքով քեզ հանեց Եգիպտոսէն։ Ուստի դուն այս կանոնը տարիէ տարի իր ատենին պիտի պահես’։ Երբ Տէրը քեզ Քանանացիներու երկիրը տանի, ինչպէս քեզի ու քու հայրերուդ երդում ըրաւ, որ զանիկա քեզի տայ, Այն ամէնը որ արգանդ կը բանայ, Տէրոջը համար պիտի զատես եւ քու ունեցած անասունիդ ամէն անդրանիկ արուները Տէրոջը պիտի ըլլան։ Եւ իշուն ամէն անդրանիկը ոչխարով մը փրկես եւ եթէ չփրկես, անոր վիզը կտրես։ Քու որդիներուդ մէջ մարդոց ամէն անդրանիկին փրկագին պիտի տաս։ Երբ քու որդիդ օր մը՝ ՝ քեզի հարցնէ՝ ‘Ի՞նչ է այս’, անոր պիտի ըսես թէ ‘Տէրը մեզ Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ զօրաւոր ձեռքով հանեց։ Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակել չուզեց, Տէրը Եգիպտոսի երկրին մէջ ամէն անդրանիկ, մարդու կամ անասունի, մեռցուց, անոր համար եւ ամէն արգանդ բացող արուն Տէրոջը զոհ կ’ընեմ ու իմ որդիներուս ամէն անդրանիկի փրկագին կու տամ’։ Ասիկա քու ձեռքիդ վրայ նշանի համար ու աչքերուդ մէջտեղ ճակատնոցի համար ըլլայ, վասն զի Տէրը մեզ Եգիպտոսէն զօրաւոր ձեռքով հանեց»։ Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակեց, Աստուած զանոնք Փղշտացիներուն երկրին ճամբայէն չտարաւ, թէեւ այն ճամբան մօտ էր, քանզի Աստուած ըսաւ. «Չըլլայ թէ ժողովուրդը զղջայ, երբ պատերազմը տեսնէ ու Եգիպտոս դառնայ»։ Հապա Աստուած ժողովուրդը Կարմիր ծովուն անապատին ճամբայէն պտտցուց ու Իսրայէլի որդիները գունդ գունդ Եգիպտոսի երկրէն ելան։ Մովսէս Յովսէփին ոսկորները իրեն հետ առաւ. վասն զի անիկա Իսրայէլի որդիներուն հաստատ երդում ընել տուած էր՝ ըսելով. «Անշուշտ Աստուած ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ, այն ատեն իմ ոսկորներս ասկէ ձեզի հետ հանեցէք»։ Սոկքովթէն չուեցին ու Ոթոմի մէջ անապատին ծայրը իջեւան ըրին։ Տէրը անոնց առջեւէն կ’երթար ցորեկը ամպի սիւնով՝ անոնց ճամբայ ցուցնելու համար ու գիշերը կրակի սիւնով՝ անոնց լոյս տալու համար, որպէս զի ցորեկ ու գիշեր երթան։ Ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը կրակի սիւնը ժողովուրդին առջեւէն չպակսեցուց։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ դառնան ու Փիաիրօթէ առջեւ, Մագդողին ու ծովուն մէջտեղ բանակ դնեն, Բէեղսեփոնին առջեւ՝ անոր դէմ ծովուն քով բանակ դրէք։ Փարաւոն Իսրայէլի որդիներուն համար պիտի ըսէ թէ ‘Երկրին մէջ մոլորած են, անապատը անոնց բոլորտիքը պատեց’։ Փարաւոնին սիրտը պիտի կարծրացնեմ ու ձեր ետեւէն պիտի իյնայ ու ես փարաւոնին վրայ եւ անոր բոլոր զօրքերուն վրայ պիտի փառաւորուիմ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը»։ Անոնք այնպէս ըրին։ Եգիպտոսի թագաւորին պատմուեցաւ թէ՝ ժողովուրդը փախաւ։ Եւ Փարաւոնին ու անոր ծառաներուն սիրտը ժողովուրդին դէմ դարձաւ ու ըսին. «Մենք ինչո՞ւ ըրինք այս բանը ու թողուցինք որ Իսրայէլը ծառայութենէն հեռանայ»։ Փարաւոն իր կառքը պատրաստեց, ժողովուրդը իրեն հետ առաւ։ Վեց հարիւր ընտիր կառքեր ու Եգիպտոսի բոլոր կառքերը եւ անոնց ամէն մէկուն մէջ ոստիկաններ առաւ։ Տէրը Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին սիրտը կարծրացուց ու անիկա Իսրայէլի որդիներուն ետեւէն ինկաւ։ Իսրայէլի որդիները ձեռքերնին բարձրացնելով ելան։ Եգիպտացիները անոնց ետեւէն ինկան։ Փարաւոնին բոլոր ձիերն ու կառքերը եւ անոր ձիաւորներն ու զօրքերը եւ հասան անոնց՝ երբ բանակած էին ծովուն մօտ՝ Փիաիրօթի քով, Բէեղսեփոնի առջեւ։ Երբ Փարաւոն մօտեցաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց աչքերը վերցուցին եւ տեսան Եգիպտացիները, որոնք իրենց ետեւէն կու գային։ Խիստ վախցան եւ Իսրայէլի որդիները աղաղակեցին Տէրոջը Եւ ըսին Մովսէսին. «Եգիպտոսի մէջ գերեզմաններ չըլլալո՞ւն համար մեզ անապատին մէջ մեռնելու բերիր. ի՞նչ է այս մեզի ըրածդ, որ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր։ Այս չէ՞ր այն խօսքը, որ քեզի ըսինք Եգիպտոսի մէջ՝ ‘Թող տուր մեզի, որ Եգիպտացիներու ծառայութիւն ընենք. քանզի աւելի աղէկ է մեզի հոս ծառայութիւն ընել, քան թէ անապատին մէջ մեռնիլ’»։ Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնաք, սպասեցէ՛ք ու տեսէք Տէրոջը փրկութիւնը, որ այսօր պիտի ընէ ձեզի. վասն զի այսօրուան ձեր տեսած Եգիպտացիները յաւիտեան պիտի չտեսնէք։ Տէրը ձեզի համար պիտի պատերազմի։ Դուք լո՛ւռ կեցէք»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ինչո՞ւ ինծի կ’աղաղակես. ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ չուեն Եւ դուն գաւազանդ վերցուր ու ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր ու ճեղքէ զայն որպէս զի Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով երթան։ Ես ահա Եգիպտացիներուն սիրտը պիտի կարծրացնեմ ու ձեր ետեւէն պիտի գան։ Ես Փարաւոնին ու անոր բոլոր զօրքերուն վրայ, անոր կառքերուն ու անոր ձիաւորներուն վրայ պիտի փառաւորուիմ։ Երբ ես Փարաւոնին ու անոր կառքերուն եւ անոր ձիաւորներուն վրայ փառաւորուիմ, Եգիպտացիները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ Աստուծոյ հրեշտակը, որ Իսրայէլի բանակին առջեւէն կ’երթար, անցաւ անոնց ետեւը։ Ամպի սիւնն ալ անոնց առջեւէն անցաւ ու անոնց ետին կայնեցաւ։ Եգիպտացիներու բանակին ու Իսրայէլի բանակին մէջտեղ եկաւ ու Եգիպտացիներու ամպ ու խաւար եղաւ, բայց գիշերը Իսրայելացիներուն լոյս կու տար։ Բոլոր գիշերը իրարու չմօտեցան։ Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց ու Տէրը արեւելեան սաստիկ հովով ետ դարձուց ծովը եւ բոլոր գիշերը ջուրերը ճեղքուեցան, ծովը ցամքեցաւ Եւ Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով անցան։ Ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն պարիսպ եղան։ Եգիպտացիները անոնց ետեւէն ինկան ու Փարաւոնին բոլոր ձիերը, կառքերն ու ձիաւորները անոնց ետեւէն ծովուն մէջը գացին։ Առտուն Տէրը Եգիպտացիներուն բանակին նայեցաւ կրակի ու ամպի սիւնէն ու Եգիպտացիներուն բանակը խռովութեան մէջ ձգեց։ Անոնց կառքերուն անիւները հանեց, որոնք դժուարութեամբ առաջ կ’երթային. այնպէս որ Եգիպտացիները ըսին. «Փախչինք Իսրայէլի երեսէն, վասն զի ահա Եհովա անոնց համար մեզի հետ կը պատերազմի»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ձեռքդ ծովուն վրայ երկնցուր, որպէս զի ջուրերը Եգիպտացիներուն, անոնց կառքերուն ու անոնց ձիաւորներուն վրայ դառնան»։ Մովսէս իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց եւ առտուան դէմ ծովը իր տեղը դարձաւ ու Եգիպտացիները անոր առջեւէն փախան։ Տէրը խռովեցուց Եգիպտացիները ծովուն մէջ։ Եւ ջուրերը ծածկեցին Փարաւոնին կառքերն ու ձիաւորները եւ բոլոր զօրքերը՝ որոնք անոնց ետեւէն ծովուն մէջ մտած էին։ Անոնցմէ մէկն ալ ողջ չմնաց։ Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով կ’երթային եւ ջուրերը անոնց աջ կողմէն ու ձախ կողմէն պարիսպ էին։ Տէրը այն օրը Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատեց Իսրայէլը։ Իսրայէլ մեռած տեսաւ Եգիպտացիները ծովուն եզերքը։ Իսրայէլ տեսաւ այն մեծ գործը, որ Տէրը ըրաւ Եգիպտացիներուն վրայ։ Ժողովուրդը վախցաւ Տէրոջմէն ու հաւատաց Տէրոջը եւ անոր ծառային Մովսէսին։ Այն ատեն Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները այս երգը երգեցին Տէրոջը. «Պիտի երգեմ Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է. Ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց։ Տէրն է իմ զօրութիւնս ու գովութիւնս Եւ իմ փրկութիւնս եղաւ. Անիկա է իմ Աստուածս ու պիտի փառաւորեմ զանիկա. Իմ հօրս Աստուածն է ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա։ Տէրը հզօր պատերազմող է. Անոր անունը ԵՀՈՎԱ է։ Փարաւոնին կառքերն ու անոր զօրքերը ծովը նետեց Եւ անոր ընտիր ոստիկանները Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմեցան։ Անդունդները ծածկեցին զանոնք. Քարի պէս խորունկը իջան։ Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, փառաւորեալ է զօրութեամբ. Քու աջ ձեռքդ, ո՛վ Տէր, խորտակեց թշնամին։ Քու փառքիդ մեծութիւնովը քեզի դէմ կեցողները կործանեցիր, Քու բարկութիւնդ ղրկեցիր, որ զանոնք յարդի պէս կերաւ։ Քու շունչիդ փչելովը ջուրերը հաւաքուեցան. Հեղեղները դէզի պէս կայնեցան. Ծովուն մէջտեղը անդունդները պաղեցան։ Թշնամին ըսաւ. ‘Պիտի հալածեմ, պիտի հասնիմ, Աւարը պիտի բաժնեմ. Իմ անձս անոնցմէ պիտի կշտանայ. Իմ սուրս պիտի քաշեմ, Իմ ձեռքս զանոնք պիտի աւրէ’։ Քու հովդ փչեցիր, ծովը զանոնք ծածկեց. Զօրաւոր ջուրերուն մէջ կապարի պէս ընկղմեցան։ Ո՛վ Տէր, աստուածներուն մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Սրբութեան մէջ փառաւորեալ, օրհնութեան մէջ սքանչելի, Հրաշքներ ընող՝ ո՞վ կայ քեզի նման։ Քու աջ ձեռքդ երկնցուցիր, Երկիրը զանոնք կլլեց։ Քու ողորմութիւնովդ առաջնորդեցիր այս ժողովուրդին որ դուն փրկեցիր. Քու զօրութիւնովդ տարիր զանոնք քու սուրբ բնակութիւնդ։ Ժողովուրդները պիտի լսեն ու սարսափին. Փղշտացիներուն երկրին բնակիչները ցաւ պիտի բռնէ։ Այն ատեն Եդովմին իշխանները պիտի տագնապին, Մովաբին զօրաւորները պիտի դողան. Քանանի բոլոր բնակիչները պիտի հալին։ Անոնց վրայ վախ ու դող պիտի իյնայ. Քու բազուկիդ մեծութենէն քար պիտի կտրին, Մինչեւ անցնի քու ժողովուրդդ, ո՛վ Տէր, Մինչեւ անցնի այս ժողովուրդը, որ դուն ստացար։ Պիտի բերես զանոնք ու քու ժառանգութեանդ լեռը պիտի տնկես զանոնք, Ո՛վ Տէր, այն տեղը, որ քու բնակութեանդ համար շինեցիր. Ո՛վ Տէր, այն սրբարանին մէջ, որ քու ձեռքերդ շինեցին։ Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Քանզի Փարաւոնին ձիերը իր կառքերովն ու ձիաւորներովը ծովը մտան եւ Տէրը ծովուն ջուրերը անոնց վրայ դարձուց. բայց Իսրայէլի որդիները ծովուն մէջէն ցամաքով գացին։ Ահարոնին քոյրը՝ Մարիամ մարգարէուհին՝ թմբուկը իր ձեռքը առաւ ու բոլոր կիները թմբուկներով ու պարերով անոր ետեւէն ելան։ Եւ Մարիամ ըսաւ անոնց. «Երգեցէ՛ք Տէրոջը, քանզի փառքով փառաւորեալ է. Ձին ու անոր հեծեալը ծովը նետեց»։ Մովսէս Կարմիր ծովէն ճամբայ հանեց Իսրայէլը ու Սուրի անապատը ելան, երեք օրուան ճամբայ գացին անապատին մէջ, բայց ջուր չգտան։ Երբ Մեռա հասան, չէին կրնար խմել Մեռայի ջուրերէն, վասն զի դառն էին. անոր համար անոր անունը Մեռա կոչուեցաւ։ Ժողովուրդը տրտնջեց Մովսէսին դէմ՝ ըսելով. «Ի՞նչ խմենք»։ Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ու Տէրը անոր փայտ մը ցուցուց, որ ջուրերուն մէջ դրածին պէս՝ ջուրերը անուշցան։ Հոն անոնց կարգ կանոն դրաւ եւ հոն փորձեց զանոնք Եւ ըսաւ. «Եթէ Տէրոջը քու Աստուծոյդ ձայնին ուշադրութեամբ մտիկ ընես ու ինչ որ անոր առջեւ շիտակ է՝ ընես եւ անոր պատուիրանքներուն ականջ դնես ու անոր բոլոր կանոնները պահես, այն ախտերէն մէ՛կը քու վրադ պիտի չբերեմ, որոնք Եգիպտացիներուն վրայ բերի. քանզի ես եմ Տէրը, որ քեզ կը բժշկեմ»։ Հասան Եղիմ, ուր տասներկու ջուրի աղբիւրներ ու եօթանասուն արմաւենիներ կային։ Հոն՝ ջուրերուն քով՝ բանակ դրին։ Անոնք չուեցին Եղիմէն, Իսրայէլի բոլոր որդիները եկան Սին անապատը, որ Եղիմի ու Սինայի մէջտեղն է, իրենց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը։ Իսրայէլի որդիները անապատին մէջ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին։ Իսրայէլին որդիները ըսին անոնց. «Երանի՜ թէ Տէրոջը ձեռքով մեռած ըլլայինք Եգիպտոսի մէջ, երբ մսի կաթսաներուն քովը նստած էինք ու կուշտ հաց կ’ուտէինք. քանզի մեզ այս անապատը հանեցիք, որ բոլոր այս ժողովուրդը անօթութենէ մեռցնէք»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահա ես ձեզի երկնքէն հաց պիտի տեղամ եւ ժողովուրդը պիտի ելլէ ու օրէ օր հաւաքէ ամէն մէկ օրուան պէտք եղածը, որպէս զի փորձեմ զանոնք թէ իմ օրէնքիս համեմատ պիտի քալե՞ն թէ ոչ։ Վեցերորդ օրը բերածնին թող պատրաստեն։ Անիկա ամէն օրուանին կրկինը պէտք է ըլլայ»։ Մովսէս ու Ահարոն ըսին Իսրայէլի բոլոր որդիներուն. «Այս իրիկուն պիտի գիտնաք թէ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանողը Եհովան է։ Առաւօտուն պիտի տեսնէք Տէրոջը փառքը, վասն զի Տէրոջը դէմ ձեր ըրած տրտունջը ինք լսեց եւ մենք ո՞վ ենք, որ մեզի դէմ կը տրտնջէք»։ Մովսէս ըսաւ. «Երբ Տէրը ձեզի իրիկունը ուտելու միս ու առաւօտուն կշտանալու չափ հաց տայ, պիտի գիտնաք թէ Տէրը լսած է իրեն դէմ ըրած տրտունջնիդ։ Մենք ո՞վ ենք. ձեր տրտունջը մեզի դէմ չէ, հապա Տէրոջը դէմ»։ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ըսէ՝ ‘Տէրոջը առջեւ մօտեցէ՛ք. վասն զի ձեր տրտունջը լսեցի’»։ Երբ Ահարոն Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին կը խօսէր, անոնք դէպի անապատը նայեցան եւ ահա Տէրոջը փառքը ամպին մէջ երեւցաւ։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը լսեցի. խօսէ անոնց՝ ըսելով. ‘Իրիկուան դէմ միս պիտի ուտէք ու առտուն՝ հացով պիտի կշտանաք եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Եհովան՝ ձեր Աստուածը’»։ Իրիկունը լորամարգիներ եկան ու բանակը ծածկեցին եւ առտուն բանակին բոլորտիքը ցօղ իջաւ։ Երբ իջած ցօղը վերցաւ, ահա անապատին երեսին վրայ մանր թեփաձեւ բան մը կար, եղեամի պէս մանր, գետնին վրայ։ Երբ Իսրայէլի որդիները տեսան, իրարու ըսին. « Ի՞նչ է այս՝ ՝»։ Քանզի ի՛նչ ըլլալը չէին գիտեր։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Այս է այն հացը, որ Տէրը ձեզի ուտելու տուաւ։ Տէրոջը պատուէրն է. հաւաքեցէ՛ք անկէ ամէն մէկդ իր կերածին չափ. ամէն մէկդ իր վրանին մէջ եղողներուն համար ձեր հոգիներուն համրանքին նայելով, մարդ գլուխ մէկմէկ օմէր առէք»։ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին։ Ոմանք շատ եւ ոմանք քիչ հաւաքեցին։ Երբ օմէրով կը չափէին, շատ ունեցողինը չաւելցաւ ու քիչ ունեցողինը չպակսեցաւ։ Ամէն մէկը իր կերածին չափ հաւաքեց։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Մէ՛կը մինչեւ առտու չպահէ»։ Բայց մտիկ չըրին Մովսէսին, հապա ոմանք թողուցին անկէ մինչեւ առտու, բայց որդնոտեցաւ ու հոտեցաւ։ Մովսէս բարկացաւ անոնց։ Ամէն առտու կը հաւաքէին անկէ, ամէն մէկը իր կերածին չափ ու արեւը տաքցածին պէս կը հալէր։ Վեցերորդ օրը կրկնապատիկ ուտելիք, այսինքն ամէն մէկուն համար երկու օմէր, հաւաքեցին եւ ժողովուրդին բոլոր իշխանները եկան ու պատմեցին Մովսէսին։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Այս է Տէրոջը ըսածը. ‘Վաղը հանգստութեան սուրբ շաբաթն է Տէրոջը, ուրեմն ինչ որ պիտի եփէք՝ եփեցէ՛ք եւ ինչ որ պիտի եռացնէք՝ եռացուցէ՛ք ու ինչ որ կ’աւելնայ՝ ձեզի համար յաջորդ օրուան պահեցէք’»։ Աւելցածը առտուան համար թողուցին, Մովսէսին հրամայածին պէս եւ ո՛չ հոտեցաւ, ո՛չ ալ անոր մէջ որդ ինկաւ։ Եւ Մովսէս ըսաւ. «Այսօր կերէ՛ք զայն, վասն զի այսօր շաբաթ է Տէրոջը. այսօր դաշտին մէջ անկէ պիտի չգտնէք։ Վեց օր պիտի հաւաքէք զանիկա. բայց եօթներորդ օրը, որ շաբաթ է, պիտի չգտնուի»։ Սակայն եօթներորդ օրը ժողովուրդէն ոմանք հաւաքելու ելան, բայց չգտան։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Մինչեւ ե՞րբ չէք ուզեր պահել իմ պատուիրանքներս ու օրէնքներս։ Նայեցէ՛ք, Տէրը տուաւ ձեզի շաբաթը, անոր համար վեցերորդ օրը ինք ձեզի երկու օրուան հաց կու տայ. ամէն մէկդ իր տեղը թող նստի. մէ՛կը իր տեղէն թող չելլէ՛ եօթներորդ օրը»։ Ժողովուրդը հանգստացաւ եօթներորդ օրը։ Իսրայէլի որդիները անոր անունը Ման դրին ու այն գինձի սերմի պէս ճերմակ ու անոր համը մեղրով շինուած գաթայի պէս էր։ Մովսէս ըսաւ. «Տէրոջը հրամանն է. ‘Անկէ օմէր մը լեցուցէք՝ որպէս զի ձեր ազգերուն մէջ պահուի. որպէս զի անոնք տեսնեն այն հացը, որ ձեզի կերցուցի անապատին մէջ, երբ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի’»։ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Սափոր մը ա՛ռ ու անոր մէջ օմէր մը լեցուն մանանայ դիր եւ զանիկա ձեր ազգերուն մէջ պահուելու համար Տէրոջը առջեւ դիր»։ Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այնպէս Ահարոն վկայութեան առջեւ դրաւ զանիկա, որպէս զի պահուի։ Իսրայէլի որդիները քառասուն տարի կերան մանանան, մինչեւ որ շէն երկիր հասան։ Մանանան կերան, մինչեւ որ Քանանի երկրին սահմանը հասան։ Օմէրը արդուին մէկ տասներորդ մասն է։ Իսրայէլի բոլոր որդիները Տէրոջը խօսքին պէս՝ իրենց գնացքին համեմատ Սին անապատէն չուեցին եւ Ռափիդիմի մէջ բանակ դրին։ Հոն ժողովուրդին խմելու ջուր չկար։ Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցաւ ու ըսաւ. «Մեզի ջուր տուր, որ խմենք»։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ ինծի հետ կը վիճիք. ինչո՞ւ Տէրը կը փորձէք»։ Ժողովուրդը ջուրի համար ծարաւեցաւ ու Մովսէսին դէմ տրտունջ ըրաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր։ Մեզ ու մեր որդիները եւ մեր հօտերը ծարաւէն պիտի մեռցնե՞ս»։ Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ըսելով. «Ի՞նչ ընեմ այս ժողովուրդին. գրեթէ պատրաստ են զիս քարկոծելու»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ժողովուրդին առջեւ անցի՛ր ու Իսրայէլի ծերերը քեզի հետ ա՛ռ եւ քու գաւազանդ, որով գետը զարկիր, ձեռքդ առ ու գնա՛։ Ահա Քորեբի մէջ ժայռին վրայ՝ հոն քու առջեւդ կը կայնիմ։ Ժայռին զա՛րկ ու անկէ ջուր պիտի ելլէ եւ ժողովուրդը պիտի խմէ»։ Մովսէս այնպէս ըրաւ Իսրայէլի ծերերուն առջեւ։ Այն տեղին անունը Մասսա ու Մերիպա՝ ՝ դրաւ. վասն զի Իսրայէլի որդիները հոն վիճեցան եւ Տէրը փորձեցին՝ ըսելով. «Արդեօք Տէրը մեր մէ՞ջ է»։ Այն ատեն Ամաղէկ եկաւ ու Ռափիդիմի մէջ Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ։ Մովսէս ըսաւ Յեսուին. «Մեզի մարդիկ ընտրէ՛ ու Ամաղէկին հետ պատերազմելու ելի՛ր. վաղը ես բլուրին գլուխը պիտի կայնիմ՝ Աստուծոյ գաւազանը ձեռքս ունենալով »։ Յեսու Մովսէսին ըսածին պէս ըրաւ ու Ամաղէկին հետ պատերազմեցաւ։ Մովսէս, Ահարոն ու Ովր բլուրին գլուխը ելան։ Երբ Մովսէս իր ձեռքերը վեր կը վերցնէր, Իսրայէլ կը յաղթէր, երբ իր ձեռքերը վար կ’իջեցնէր, Ամաղէկ կը յաղթէր։ Եւ Մովսէսին ձեռքերը ծանրանալուն՝ քար մը առին ու անոր տակ դրին եւ ինք անոր վրայ նստաւ ու Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը միւս կողմէն անոր ձեռքերը վեր բռնեցին ու մինչեւ արեգակին մարը մտնելը անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին։ Յեսու սուրի բերնէ անցուց Ամաղէկը ու անոր ժողովուրդը։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ասիկա յիշատակի համար գրքի մէջ գրէ ու Յեսուին իմացուր՝ թէ Ամաղէկին յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին պիտի ջնջեմ»։ Մովսէս սեղան մը շինեց ու անոր անունը Եհովանիսի դրաւ Ու ըսաւ. « Քանզի Տէրը երդում ըրաւ՝ ըսելով թէ ՝ ‘Տէրը ազգէ ազգ պիտի պատերազմի Ամաղէկի դէմ’»։ Մովսէսին աները՝ Մադիամի քուրմը Յոթոր՝ լսեց այն ամէնը, որ Աստուած ըրաւ Մովսէսին ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին եւ թէ Տէրը Եգիպտոսէն հանեց Իսրայէլը։ Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ առաւ Մովսէսին կինը Սեպփօրան, զանիկա ետ ղրկելէն ետքը Եւ անոր երկու որդիները՝ որոնց մէկուն անունը Գերսամ էր. վասն զի ինք ըսեր էր. ‘Օտար երկրի մէջ պանդուխտ եմ’ Եւ միւսին անունը Եղիազար էր, վասն զի ըսեր էր. ‘Իմ հօրս Աստուածը իմ օգնականս էր, որ զիս Փարաւոնին սուրէն ազատեց’։ Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ անոր որդիներուն ու անոր կնոջը հետ եկաւ Մովսէսին՝ դէպի անապատը՝ ուր անիկա բանակ դրեր էր Աստուծոյ լերանը քով։ Եւ իմացուց Մովսէսին՝ ըսելով. «Ե՛ս, քու աներդ Յոթոր, քեզի կու գամ, նաեւ քու կինդ իր երկու որդիները իմ հետս»։ Մովսէս իր աները դիմաւորելու գնաց եւ անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու համբուրեց զանիկա եւ իրարու ողջութիւն հարցուցին ու վրանը մտան։ Մովսէս իր աներոջ պատմեց այն ամէնը, որ Տէրը ըրաւ Փարաւոնին ու Եգիպտացիներուն՝ Իսրայէլին համար եւ ճամբուն մէջ բոլոր իրենց քաշած նեղութիւններն ու Տէրոջը զիրենք ազատելը։ Եւ Յոթոր ուրախացաւ բոլոր բարութիւններուն համար, որոնք Տէրը ըրաւ Իսրայէլին, փրկելով զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն։ Եւ Յոթոր ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ ազատեց ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն ու Փարաւոնին ձեռքէն. վասն զի ազատեց իր ժողովուրդը Եգիպտացիներուն ձեռքին տակէն։ Հիմա գիտեմ թէ Եհովա բոլոր աստուածներէն մեծ է. քանզի ինչ բանի մէջ որ կը հպարտանային, անոնցմէ վեր երեւցաւ »։ Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ ողջակէզ ու զոհեր բերաւ Աստուծոյ եւ Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերը Մովսէսին աներոջ հետ Աստուծոյ առջեւ հաց ուտելու եկան։ Հետեւեալ օրը Մովսէս ժողովուրդը դատելու նստաւ։ Ժողովուրդը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն Մովսէսին քով կայնեցաւ։ Մովսէսին աները երբ տեսաւ ինչ կ’ընէր Մովսէս ժողովուրդին, ըսավ. «Ի՞նչ է այս բանը, որ դուն կ’ընես ժողովուրդին. ինչո՞ւ դուն մինակ կը նստիս ու բոլոր ժողովուրդը առաւօտէն մինչեւ իրիկուն քու քովդ կը կայնի»։ Մովսէս ըսաւ իր աներոջ. «Քանզի ժողովուրդը կու գայ ինծի՝ Աստուծմէ դատաստան հարցնելու։ Երբ անոնք բան մը ունենան՝ ինծի կու գան եւ ես անոնց մէջտեղ դատաստան կ’ընեմ ու Աստուծոյ կանոնները եւ օրէնքները անոնց կը գիտցնեմ»։ Մովսէսին աները ըսաւ անոր. «Քու ըրածդ աղէկ բան չէ։ Իրաւցընէ դուն պիտի մաշիս, դուն ալ ու քեզի հետ եղած այս ժողովուրդն ալ. վասն զի այս գործը քեզի համար շատ ծանր է. դուն առանձին չես կրնար ընել ասիկա։ Հիմա մտիկ ըրէ՛ իմ խօսքիս. ես քեզի խրատ տամ ու Աստուած քեզի հետ պիտի ըլլայ։ Ժողովուրդին համար Աստուծոյ առջեւ դուն գնա, որպէս զի դատերը դո՛ւն ներկայացնես Աստուծոյ։ Անոնց սորվեցուր կանոններն ու օրէնքները եւ գիտցուր անոնց իրենց քալելու ճամբան ու իրենց ընելու գործը։ Բայց դուն բոլոր ժողովուրդէն կարող մարդիկ, Աստուծմէ վախցող, ճշմարտասէր ու ագահութիւնը ատող մարդիկ ընտրէ՛ ու ասոնք հազարապետներ ու հարիւրապետներ, յիսնապետներ ու տասնապետներ դիր անոնց վրայ։ Ամէն ատեն թող անոնք դատեն ժողովուրդը։ Կարեւոր դատերը թող քեզի ներկայացնեն, իսկ անկարեւորները՝ թող իրենք դատեն. այսպէս քեզի օգնելով՝ քու վրայէդ բեռը կը թեթեւցնեն։ Եթէ այս բանը ընես ու Աստուած ալ քեզի այսպէս պատուիրէ, այն ատեն կարող կ’ըլլաս դիմանալու եւ բոլոր այս ժողովուրդն ալ խաղաղութեամբ իրենց տեղը կ’երթան»։ Մովսէս աներոջ խօսքին մտիկ ըրաւ ու անոր ամէն ըսածը ըրաւ։ Մովսէս բոլոր Իսրայէլէն կարող մարդիկ ընտրեց ու զանոնք ժողովուրդին վրայ գլուխներ, այսինքն՝ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ եւ տասնապետներ կարգեց։ Ամէն ատեն անոնք կը դատէին ժողովուրդը. դժուար հարցը Մովսէսին կը ներկայացնէին, բայց պզտիկ բաները իրենք կը դատէին։ Մովսէս իր աները ճամբեցուց ու անիկա իր երկիրը գնաց։ Երրորդ ամսուան մէջ՝ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելլելէն ետքը, նոյն օրը Սինայի անապատը հասան։ Քանզի Ռափիդիմէ չուեցին ու Սինայի անապատը գացին ու անապատին մէջ բանակ դրին։ Իսրայէլ հոն լերանը դէմ բանակ դրաւ։ Մովսէս Աստուծոյ ելաւ ու Տէրը լեռնէն կանչեց զանիկա՝ ըսելով. «Յակոբին տանը այսպէս ըսես եւ Իսրայէլին որդիներուն իմացնես. ‘Դուք տեսաք ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն եւ ինչպէս ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ վերցուցի ու քովս բերի։ Եւ հիմա եթէ իրաւցընէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։ Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք. Իսրայէլի որդիներուն ըսելիք խօսքերս ասոնք են’»։ Մովսէս եկաւ ու ժողովուրդին ծերերը կանչեց եւ Տէրոջը իրեն պատուիրած այս բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կրկնեց։ Բոլոր ժողովուրդը միաբերան պատասխանեցին ու ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջը իմացուց։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահա ես քեզի կու գամ թանձր ամպի մը մէջ, որպէս զի ժողովուրդը լսէ՝ երբ ես քեզի հետ խօսիմ ու նաեւ միշտ քեզի հաւատայ»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսքերը Տէրոջը պատմեց։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛ ժողովուրդին եւ զանոնք սրբէ այսօր ու վաղը եւ թող իրենց լաթերը լուան։ Երրորդ օրուան համար պատրաստ ըլլան. քանզի երրորդ օրը Տէրը բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Սինա լերան վրայ պիտի իջնէ։ Դուն ժողովուրդին բոլորտիքը սահման դիր ու ըսէ՝ ‘Զգուշացէ՛ք լեռը ելլելէ կամ անոր ծայրին դպչելէ։ Ով որ լերանը դպչի, անշուշտ պիտի մեռցուի’։ Անոր ձեռք չդպչի. քանզի դպչողը անպատճառ պիտի քարկոծուի կամ նետով զարնուի. անասուն ըլլայ թէ մարդ՝ պիտի չապրի։ Երբ փողին ձայնը երկար հնչուի, անոնք լեռը պիտի ելլեն»։ Մովսէս լեռնէն ժողովուրդին քով իջաւ ու սրբեց ժողովուրդը եւ անոնք իրենց լաթերը լուացին։ Անիկա ըսաւ ժողովուրդին. «Երրորդ օրուան համար պատրաստ եղէք. ձեր կիներուն մի՛ մերձենաք»։ Երրորդ օրը առտուն որոտումներ ու կայծակներ կ’ըլլային եւ թանձր ամպ մը կար լերանը վրայ ու խիստ սաստիկ փողի ձայն մը եւ բանակին մէջ եղած բոլոր ժողովուրդը զարհուրեցաւ։ Մովսէս բանակէն Աստուծոյ առջեւ հանեց ժողովուրդը եւ անոնք լերանը տակ կայնեցան։ Սինա լեռը բոլորովին կը մխար, վասն զի Տէրը անոր վրայ կրակով իջաւ ու անոր մուխը հնոցի մուխի պէս կ’ելլէր եւ բոլոր լեռը սաստիկ կը դողար։ Եւ քանի որ փողին ձայնը շատ կը սաստկանար, Մովսէս խօսեցաւ ու Աստուած ձայնով մը անոր պատասխան տուաւ։ Տէրը Սինա լերանը վրայ՝ լերանը գլուխը իջաւ ու Տէրը կանչեց Մովսէսը լերանը գլուխը եւ Մովսէս ելաւ։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Իջի՛ր եւ ժողովուրդին պատուիրէ՛, որ չըլլայ թէ Տէրը տեսնելու համար սահմանէն անցնին ու կորսուին։ Տէրոջը մօտեցող քահանաներն ալ թող սրբուին, որ չըլլայ թէ Տէրը անոնց վրայ յարձակի»։ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Ժողովուրդը չի կրնար ելլել Սինա լեռը, վասն զի դուն մեզի պատուիրեցիր՝ ըսելով. ‘Սահման դի՛ր լերանը ու զանիկա սրբէ՛»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Գնա՛, վա՛ր իջիր ու Ահարոնին հետ մէկտեղ ելի՛ր. բայց քահանաներն ու ժողովուրդը Տէրոջը ելլելու համար սահմանէն չանցնին, որ չըլլայ թէ անոնց վրայ յարձակի»։ Ու Մովսէս ժողովուրդին քով իջաւ եւ այնպէս խօսեցաւ անոնց։ Աստուած այս բոլոր խօսքերը ըսաւ. «Ես եմ Եհովան, քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։ Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, ո՛չ վարը երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութիւնը. Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը՝ որ կ’ատեն զիս Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը՝ որ կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։ Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։ Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար։ Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործդ ընես. Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը. Քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի։ Սպաննութիւն մի՛ ըներ։ Շնութիւն մի՛ ըներ։ Գողութիւն մի՛ ըներ։ Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։ Քու դրացիիդ տանը մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ կնոջը, կամ անոր ծառային, կամ անոր աղախինին, կամ անոր եզին, կամ անոր իշուն եւ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։ Բոլոր ժողովուրդը կը լսէին որոտումները ու կայծակները եւ փողին ձայնը ու կը տեսնէին լերանը մխալը։ Ժողովուրդը վախցաւ, ետ քաշուեցաւ ու հեռուն կայնեցաւ։ Եւ ըսին Մովսէսին. «Դուն խօսէ մեզի հետ ու մտիկ ընենք. բայց Աստուած թող չխօսի մեզի հետ, որպէս զի չմեռնինք»։ Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Մի՛ վախնաք. վասն զի Աստուած ձեզ փորձելու եկաւ, այնպէս որ անոր վախը ձեր առջեւ ըլլայ, որպէս զի չմեղանչէք»։ Ժողովուրդը հեռուն կայնեցաւ ու Մովսէս մօտեցաւ այն թանձր խաւարին՝ ուր Աստուած էր։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Դուք տեսաք թէ ձեզի հետ երկնքէն խօսեցայ. Ինծի հետ արծաթէ աստուածներ չշինէ՛ք. ո՛չ ալ ոսկիէ աստուածներ շինէք ձեզի։ Ինծի հողէ սեղան մը պիտի շինես ու անոր վրայ քու ողջակէզներդ ու խաղաղութեան զոհերդ, քու ոչխարներդ ու արջառներդ պիտի մատուցանես եւ ամէն տեղ, ուր իմ անունս յիշել տամ, քեզի պիտի գամ ու քեզ պիտի օրհնեմ’։ Եթէ ինծի քարէ սեղան շինելու ըլլաս, տաշուած քարէ մի՛ շիներ, քանզի եթէ անոր վրայ երկաթ գործիք վերցնես, կը պղծես զանիկա։ Եւ աստիճաններով մի՛ ելլեր իմ սեղանս, որպէս զի քու մերկութիւնդ չբացուի անոր վրայ»։ Անոնց առջեւ դնելու դատաստաններդ ասոնք են. Եթէ Եբրայեցի ծառայ մը ծախու առնելու ըլլաս, անիկա վեց տարի պիտի ծառայէ եւ եօթներորդ տարին պիտի ազատուի։ Եթէ մինակ մտաւ, մինակ պիտի ելլէ. եթէ կին ունէր, կինն ալ իրեն հետ պէտք է ելլէ։ Եթէ իր տէրը իրեն կին տուաւ ու անիկա իրեն որդիներ կամ աղջիկներ ծնած է, կինն ու անոր տղաքը տիրոջը պիտի ըլլան ու ինք մինակ պիտի ելլէ։ Իսկ եթէ ծառան յայտնէ թէ՝ ‘Ես կը սիրեմ իմ տէրս, իմ կինս ու իմ տղաքներս, չեմ ուզեր ելլել եւ ազատ ըլլալ ’, Այն ատեն անոր տէրը դատաւորներուն պիտի տանի զանիկա եւ դրանը կամ դրանդիքներուն մօտեցնէ ու անոր տէրը անոր ականջը հերիւնով պիտի ծակէ եւ անիկա յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ անոր։ Եթէ մէկը իր աղջիկը աղախին ըլլալու համար ծախէ, անիկա ծառաներուն ելլելուն պէս պիտի չելլէ։ Եթէ անիկա հաճելի չերեւնայ իր տիրոջը աչքին՝ որ զանիկա իրեն նշաներ էր, թող փրկել տայ զանիկա. բայց զանիկա օտար ազգի ծախելու իրաւունք պիտի չունենայ, վասն զի խաբած կ’ըլլայ զանիկա։ Եթէ զանիկա իր որդիին նշանած է, աղջիկներու օրէնքին պէս ընէ անոր։ Եթէ իրեն ուրիշ կին առնէ, անոր ուտելիքը, հանդերձը, մերձաւորութիւնը պիտի չկտրէ։ Եւ եթէ անոր այս երեք բաները չընէ, այն ատեն աղջիկը առանց վճարումի՝ ձրի պիտի երթայ։ Մարդ զարնող մեռցնողը անշուշտ պիտի մեռցուի։ Իսկ եթէ դարանամուտ չեղաւ, հապա զանիկա Աստուած մատնեց անոր ձեռքը, քեզի տեղ մը պիտի սահմանեմ, որպէս զի անիկա հոն փախչի։ Եթէ մէկը իր դրացիին դէմ ոխ ունենայ եւ զանիկա նենգութեամբ մեռցնէ, իմ սեղանէս ալ պիտի առնես զանիկա՝ որպէս զի մեռնի։ Իր հօրը կամ մօրը զարնողը անշուշտ պիտի մեռցուի։ Մարդ գողցողը, զանիկա ծախած ըլլայ եւ կամ իր ձեռքը գտնուի, անշուշտ պիտի մեռցուի։ Իր հայրը կամ մայրը անիծողը անշուշտ պիտի մեռցուի։ Եթէ մարդիկ իրարու հետ վէճ ընեն ու մէկը միւսին քարով կամ բռունցքով զարնէ ու անիկա չմեռնի, հապա անկողին պառկի, Եթէ նորէն ելլէ ու ցուպով պտըտի, զարնողը անպարտ ըլլայ, միայն անոր կորսնցուցած ժամանակին արժէքը ՝ ՝ հատուցանէ ու բոլորովին առողջացնէ զանիկա ։ Եթէ մէկը գաւազանով իր ծառային կամ իր աղախինին զարնէ ու անիկա իր ձեռքին տակ մեռնի, անշուշտ անկէ վրէժ պիտի առնուի։ Բայց եթէ օր մը կամ երկու օր ապրի, անկէ վրէժ չառնուի. քանզի անիկա իր ստակն է։ Եթէ մարդիկ կռուին ու յղի կնոջ մը զարնուելով՝ անոր տղան անցընել տան, թէեւ ուրիշ վնաս մը չըլլայ, անիկա անշուշտ այն կնոջ էրկանը իր վրայ դրած տոյժը պիտի քաշէ, դատաւորներուն դատաստանին պէս հատուցանելով։ Բայց եթէ վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս, Աչքի տեղ աչք, ակռայի տեղ ակռայ, ձեռքի տեղ ձեռք, ոտքի տեղ ոտք, Խարանի տեղ խարան, վէրքի տեղ վէրք, հարուածի տեղ հարուած։ Եւ եթէ մէկը իր ծառային աչքը կամ իր աղախինին աչքին զարնէ ու կուրցնէ, անիկա իր աչքին փոխարէն ազատ պէտք է արձակուի։ Եւ եթէ իր ծառային ակռան կամ իր աղախինին ակռան թափէ, անիկա իր ակռային փոխարէն ազատ պէտք է արձակուի։ Եթէ եզ մը իր եղջիւրներովը մարդու մը կամ կնոջ մը զարնէ ու մեռցնէ, եզը անշուշտ պէտք է քարկոծել ու անոր միսը պէտք չէ ուտել. բայց եզին տէրը անպարտ պիտի ըլլայ։ Բայց եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող է եւ անոր տիրոջն ալ ըսուած է, բայց տէրը զգոյշ եղած չէ եւ եթէ մարդ մը կամ կին մը մեռցնելու ըլլայ, եզը պէտք է քարկոծել, անոր տէրն ալ մեռցընել։ Եթէ փրկանք մը որոշուի, անիկա իր անձին ազատութեանը համար՝ որոշուած փրկագինը թող վճարէ։ Եթէ տղու մը եւ կամ աղջկան մը զարնելու ըլլայ եզը, նոյն օրէնքով պիտի դատուի։ Եթէ եզը ծառայի մը կամ աղախինի մը զարնէ, եզին տէրը անոնց տիրոջը երեսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ, սակայն եզը պէտք է քարկոծուի։ Եթէ մէկը փոս մը բանայ, կամ փոս մը փորէ ու չծածկէ եւ հոն եզ մը կամ էշ մը իյնալու ըլլայ Վնասը փոսին տէրը պիտի քաշէ ու անոնց տիրոջը ստակ պիտի տայ, բայց մեռածը իրը պիտի ըլլայ։ Եթէ մէկուն եզը իր դրացիին եզին զարնէ ու մեռցնէ, ողջ եզը պիտի ծախեն ու անոր ստակը բաժնեն եւ մեռածն ալ բաժնեն։ Իսկ եթէ եզը բնաւորութեամբ զարնող ըլլալը իմաց տրուած ըլլայ, բայց տէրը զանիկա պահած չըլլայ, անշուշտ եզին տեղը եզ պիտի տայ ու մեռածը իրը պիտի ըլլայ»։ Եթէ մէկը արջառ մը կամ ոչխար մը գողնայ ու մորթէ կամ ծախէ զանիկա, մէկ արջառին տեղ հինգ արջառ ու մէկ ոչխարին տեղ չորս ոչխար պիտի հատուցանէ։ Եթէ գող մը տուն ծակելու վրայ գտնուի ու զարնուի եւ մեռնի, անոր համար արիւն պիտի չթափուի։ Եթէ անոր վրայ արեւը ծագեր էր, անոր համար արիւն պիտի թափուի։ Անիկա լման կրնար հատուցանել. եթէ բան մըն ալ չունենար, այն ատեն իր գողցած բանին համար կրնար ծախուիլ։ Եթէ գողցածը իր ձեռքը ողջ գտնուի, եզ ըլլայ, թէ էշ կամ ոչխար, կրկինը պիտի հատուցանէ։ Եթէ մէկը արտի մը կամ այգիի մը վնաս տայ՝ ՝, ձգելով որ իր անասունը ուրիշի մը արտին մէջ արածի, իր արտին ամենէն աղէկ արդիւնքէն ու իր այգիին ամենէն աղէկ բերքէն պիտի հատուցանէ։ Եթէ կրակ ցատքէ, ցանկին փուշերուն փակչի եւ դիզուած որաները կամ չհնձուած ցորենը կամ արտը այրի, կրակը վառողը այրածին արժէքը լման պիտի հատուցանէ։ Եթէ մէկը իր դրացիին ստակ կամ ամաններ տայ պահելու համար եւ դրացիին տունէն գողցուի, եթէ գողը գտնուի, գողը կրկինը պիտի հատուցանէ։ Եթէ գողը չգտնուի, տանտէրը դատաւորներուն պիտի տարուի, յանձնուած ստացուածքին ձեռք չդպցնելը ստուգելու համար։ Ամէն կերպ անիրաւութեան համար, եզի, կամ իշու, ոչխարի եւ կամ հանդերձի համար, կամ ամէն կերպ կորսուած բանի համար՝ որ մէկը կը հաստատէ թէ իրն է, երկու կողմին դատը դատաւորներուն առջեւ տարուի ու երբ դատաւորները ճշդեն յանցաւորը, անիկա իր դրացիին՝ կրկինը պիտի հատուցանէ։ Եթէ մէկը իր դրացիին էշը կամ եզը, կամ ոչխարը, կամ ոեւէ անասուն պահելու համար տայ ու անիկա մեռնի կամ վնասուի, կամ թշնամին առնէ տանի՝ ՝ ու տեսնող մը չըլլայ, Այն ատեն երկուքին մէջտեղ Տէրոջը երդումն ըլլայ՝ իր դրացիին ստացուածքին ձեռք չդպցնելուն համար ու անոր տէրը պիտի ընդունի երդումը եւ ինք պիտի չհատուցանէ։ Եթէ իրաւցընէ իր քովէն գողցուեր է, ինք անոր տիրոջը պէտք է հատուցանէ։ Եթէ գազանէ պատառուած ըլլայ, թող բերէ զանիկա՝ վկայութիւն ըլլալու համար. այն ատեն պատառուածին գինը պիտի չհատուցանէ։ Եւ եթէ մէկը իր դրացիէն անասուն փոխ առնէ ու անիկա վնասուի կամ մեռնելու ըլլայ եւ անոր տէրը իրեն հետ չըլլայ, ինք անշուշտ պիտի հատուցանէ. Բայց եթէ անոր տէրը իրեն հետ էր, պիտի չհատուցանէ։ Եթէ վարձքով առած էր, վարձքին տեղը սեպուի։ Եթէ մէկը չնշանուած աղջիկ մը խաբէ ու անոր հետ պառկի, անշուշտ անոր օժիտը ինք տալով զանիկա իրեն կին պէտք է ընէ։ Եթէ աղջկան հայրը ամենեւին չուզէ տալ, անիկա կոյսերուն օժիտին չափ ստակ պարտի տալ։ Կախարդ կինը մի՛ ապրեցներ։ Ով որ անասունի հետ պառկի, անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Միայն Տէրոջմէն զատ ուրիշ աստուածներու զոհ ընողը բոլորովին պէտք է կորսուի։ Օտարականը մի՛ չարչարեր ու զանիկա մի՛ նեղեր. վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։ Որբեւարին ու որբը բնաւ մի՛ չարչարէք։ Եթէ զանոնք չարչարէք ինչ կերպով ալ ըլլայ ու անոնք ինծի բողոքելու ըլլան, անշուշտ պիտի լսեմ անոնց աղաղակը։ Իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու ձեզ սրով պիտի մեռցնեմ եւ ձեր կիները որբեւարի ու ձեր տղաքները որբ պիտի ըլլան։ Եթէ իմ ժողովուրդէս քու քովդ եղած աղքատ մէկուն փոխ ստակ տաս, վաշխ առնողի մը պէս մի՛ ըլլար ու անոր վրայ վաշխ մի՛ դներ։ Եթէ քու դրացիիդ հանդերձը գրաւ առնես, արեւը մարը չմտած իրեն ետ դարձուր. Վասն զի այն է միայն անոր ծածկոցը, իր մարմնին հանդերձն է այն։ Ինչո՞վ պիտի պառկի։ Եթէ ինծի աղաղակէ, պիտի լսեմ, քանզի ես ողորմած եմ։ Դատաւորներուն մի՛ հայհոյեր եւ քու ժողովուրդիդ իշխանը մի՛ անիծեր։ Քու արմտիքներուդ ու հեղանիւթերուդ երախայրիները մի՛ ուշացներ. քու որդիներուդ անդրանիկները ինծի պէտք է տաս։ Քու եզիդ ու ոչխարիդ ալ այսպէս ըրէ. եօթը օր մօրը հետ պիտի ըլլայ. ութերորդ օրը զայն ինծի պիտի տաս։ Դուք ինծի սուրբ մարդիկ պիտի ըլլաք։ Դաշտին մէջ գազաններէն պատառուածին միսը մի՛ ուտէք. այլ՝ շուներուն նետեցէք։ Սուտ լուր մի՛ տանիր. անօրէնին հետ ձեռքդ մի՛ միացներ անիրաւ վկայ ըլլալով։ Չարութիւն ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր ու դատաստանի մէջ իրաւունքը ծռելու համար շատերուն կողմը խոտորելով՝ մի՛ խօսիր։ Աղքատին աչառութիւն մի՛ ըներ իր դատին մէջ։ Եթէ քու թշնամիիդ մոլորած եզին կամ իշուն հանդիպելու ըլլաս, անշուշտ իրեն պէտք է դարձնես զանիկա։ Եթէ քեզ ատողին էշը բեռի տակ ինկած տեսնես, զգուշացիր, զայն մի՛ լքեր, անոր հետ ազատէ էշը։ Քու աղքատիդ դատին մէջ անոր իրաւունքը մի՛ ծռեր. Սուտ խօսքէն հեռու կեցիր եւ անմեղն ու արդարը մի՛ մեռցներ. վասն զի ես չարը պիտի չարդարացնեմ։ Կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը աչքը բաց մարդիկը կը կուրցնէ եւ արդարներուն դատերը կը խանգարէ։ Օտարականը մի՛ նեղէք, վասն զի օտարականին սրտին վիճակը գիտէք, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի մէջ օտարական էիք։ Քու երկիրդ վեց տարի սերմանէ՛ ու անոր արդիւնքը հաւաքէ՛։ Բայց եօթներորդ տարին ազատ ձգէ՛ ու թողո՛ւր զայն, որպէս զի քու ժողովուրդիդ աղքատները ուտեն եւ անոնցմէ մնացածը դաշտին անասունները ուտեն. քու այգիիդ ու ձիթաստանիդ ալ այսպէս ըրէ։ Վեց օր քու գործդ գործէ՛ ու եօթներորդ օրը հանգստացիր, որպէս զի քու եզդ ու էշդ ալ հանգստանան եւ քու աղախինիդ որդին ու օտարականը շունչ առնեն։ Եւ բոլոր ձեզի ըսածներուս մէջ զգոյշ եղէք եւ ուրիշ աստուածներու անուն մի՛ յիշէք. ձեր բերնէն թող չլսուի։ Տարին երեք անգամ տօն պահէ՛։ Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. քեզի պատուիրածիս պէս եօթը օր անխմոր հաց պիտի ուտես Ապիպ ամսուան մէջ սահմանուած ժամանակին. վասն զի այն ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։ Բնաւ մէկը ձեռքը դատարկ թող չերեւնայ իմ առջեւս։ Արտին մէջ ցանելու աշխատութեանդ երախայրի պտուղը հնձելու տօնը ու տարուան վերջը հաւաքելու տօնը պահէ՛, երբ արտէն քու աշխատութիւնդ կը հաւաքես։ Տարին երեք անգամ քու բոլոր արուներդ Տէր Եհովային առջեւ թող երեւնան։ Իմ զոհիս արիւնը խմորեալ հացով մի՛ մատուցաներ ու իմ տօնիս ճարպը մինչեւ առտու թող չմնա՛յ։ Քու երկրիդ առաջին երախայրիները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է տանիս։ Ուլը մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր։ Ահա քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբուն մէջ քեզ պահպանէ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ։ Զգուշութեամբ անոր խօսքին մտիկ ըրէ, անոր անհնազանդ մի՛ ըլլար. վասն զի անիկա ձեր յանցանքը պիտի չներէ, քանզի իմ անունս անոր վրայ է։ Բայց եթէ ուշադրութեամբ անոր խօսքին մտիկ ընես ու իմ բոլոր ըսածս կատարես, այն ատեն քու թշնամիներուդ թշնամի պիտի ըլլամ եւ քու հակառակորդներուդ՝ հակառակորդ։ Քանզի իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ եւ քեզ Ամօրհացիներուն ու Քետացիներուն եւ Փերեզացիներուն ու Քանանացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն պիտի տանի եւ ես պիտի ջարդեմ զանոնք։ Անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն կամ ծառայութիւն մի՛ ըներ ու անոնց ըրածին պէս մի՛ ըներ. հապա բոլորովին կործանէ՛ զանոնք ու կուռքերը բոլորովին կոտրտէ՛։ Ձեր Տէր Աստուածը պաշտեցէ՛ք ու ես ձեր հացն ու ջուրը պիտի օրհնեմ եւ ձեր մէջէն հիւանդութիւնը պիտի վերցնեմ։ Քու երկրիդ մէջ վիժող ու ամուլ պիտի չըլլայ։ Քու օրերուդ թիւը պիտի շատցընեմ։ Իմ երկիւղս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ եւ պիտի կորսնցնեմ այն ժողովուրդը, որուն քով կ’երթաս ու քու բոլոր թշնամիներուդ կռնակը քեզի պիտի դարձնեմ։ Եւ քու առջեւէդ իշամեղու պիտի ղրկեմ, որպէս զի Խեւացիները, Քանանացիներն ու Քետացիները քու առջեւէդ վռնտէ։ Անոնք քու առջեւէդ մէկ տարուան մէջ պիտի չվռնտեմ, որ չըլլայ թէ երկիրը ամայանայ ու դաշտին գազանները շատնան։ Զանոնք քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտեմ, մինչեւ որ դուն բազմանաս ու երկիրը ժառանգես։ Քու սահմաններդ Կարմիր ծովէն մինչեւ Փղշտացիներուն ծովը ու անապատէն մինչեւ Եփրատ գետը պիտի ըլլան. վասն զի այն երկրին բնակիչները քու ձեռքդ պիտի տամ, որ զանոնք քու առջեւէդ վռնտես։ Անոնց հետ ու անոնց աստուածներուն հետ ուխտ մի՛ ըներ։ Քու երկրիդ մէջ թող չբնակին, որպէս զի քեզի մեղք գործել չտան ինծի դէմ. վասն զի եթէ անոնց աստուածները պաշտես, անշուշտ այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ։ Ան ըսաւ Մովսէսին. «Տէրոջը ելէ՛ք դուն ու Ահարոնը, Նադաբն ու Աբիուդը եւ Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի ու հեռուէն երկրպագութիւն ըրէք։ Բայց միայն Մովսէս թող մօտենայ Տէրոջը։ Անոնք թող չմօտենան, ո՛չ ալ ժողովուրդը անոր հետ ելլէ»։ Մովսէս եկաւ ու Տէրոջը բոլոր խօսքերը եւ բոլոր կարգադրութիւնը պատմեց ժողովուրդին։ Բոլոր ժողովուրդը միաձայն պատասխան տուին ու ըսին. «Տէրոջը ըսած բոլոր խօսքերը պիտի կատարենք»։ Մովսէս Տէրոջը բոլոր խօսքերը գրեց ու առտու կանուխ ելաւ ու լերանը տակ սեղան շինեց, տասներկու արձան կանգնեցուց, սրայէլի տասներկու ցեղերուն համեմատ։ Եւ Իսրայէլի որդիներէն պատանիներ ղրկեց, որոնք ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհերու համար զուարակներ զոհեցին Տէրոջը։ Մովսէս արիւնին կէսը առաւ ու կոնքերու մէջ դրաւ եւ արիւնին կէսը սեղանին վրայ սրսկեց։ Ապա՝ առաւ ուխտին գիրքը ու ժողովուրդին առջեւ կարդաց եւ անոնք ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածը պիտի կատարենք ու անոր պիտի հնազանդինք»։ Մովսէս առաւ արիւնը ու ժողովուրդին վրայ սրսկեց ու ըսաւ. «Ահա բոլոր այս խօսքերուն համաձայն՝ Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին արիւնը»։ Այն ատեն Մովսէս ու Ահարոն, Նադաբ ու Աբիուդ եւ Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի ելան Եւ Իսրայէլի Աստուածը տեսան ու անոր ոտքերուն տակ շափիւղայով սալարկուածի պէս էր եւ պայծառութեամբ՝ բուն երկնքին պէս։ Իսրայէլի որդիներէն ընտրեալներուն վրայ իր ձեռքը չերկնցուց եւ Աստուած տեսան ու կերան ու խմեցին։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր ինծի ու հոն կայնէ՛։ Քեզի պիտի տամ քարեղէն տախտակներն ու իմ դրած օրէնքս եւ պատուիրանքներս՝ որպէս զի անոնց սորվեցնես»։ Եւ Մովսէս ու անոր պաշտօնեան՝ Յեսուն՝ ելան եւ Մովսէս Աստուծոյ լեռը ելաւ Եւ ըսաւ ծերերուն. «Դուք հոս մեզի սպասեցէք, մինչեւ որ ձեզի դառնանք։ Ահա Ահարոն ու Ովր ձեզի հետ են. եթէ մէկը դատ մը ունենայ՝ թող անոնց երթայ»։ Մովսէս լեռը ելաւ ու ամպը պատեց լեռը։ Տէրոջը փառքը Սինա լերան վրայ հանգչեցաւ։ Ամպը պատեց զանիկա վեց օր եւ եօթներորդ օրը Տէրը ամպին մէջէն կանչեց Մովսէսը։ Տէրոջը փառաւոր տեսիլքը լերանը գագաթին վրայ մաշող կրակի պէս էր Իսրայէլի որդիներուն առջեւ։ Մովսէս ամպին մէջէն մտաւ ու լեռը ելաւ եւ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը մնաց։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ինծի ընծայ բերեն. միայն յօժարակամ տուող մարդէն առէք իմ ընծաս։ Անոնց տուած ընծաները թող ըլլան՝ ոսկի, արծաթ ու պղինձ Կապուտակ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր ու բարակ քթան եւ այծի մազ Կարմիր ներկուած խոյի մորթեր ու թէհաշի մորթեր եւ Սատիմի փայտեր, Լոյսի համար իւղ, օծման իւղի ու անուշահոտ խունկի համար համեմներ, Եղնգնաքարեր ու եփուտին ու լանջապանակին վրայ գամուելու քարեր։ Ինծի սրբարան մը թող շինեն, որպէս զի իրենց մէջ բնակիմ։ Խորանին օրինակը եւ անոր բոլոր կարասիներուն օրինակը, բոլոր քեզի ցուցուցածիս պէս, ճիշդ այնպէս շինեցէք։ Սատիմի փայտէ տապանակ մը թող շինեն. անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու կէս եւ լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն ու կէս եւ բարձրութիւնը մէկ կանգուն ու կէս ըլլայ։ Զանիկա զուտ ոսկիով պատէ՛, ներսէն ու դուրսէն պատէ։ Անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։ Անոր համար չորս ոսկի օղակ ձուլէ՛ ու անոր չորս անկիւնները դի՛ր զանոնք, որպէս զի անոր մէկ կողմը երկու օղակ ու միւս կողմը երկու օղակ ըլլայ։ Սատիմի փայտէ ձողեր շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։ Ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցո՛ւր, որպէս զի տապանակը անոնցմով վերցուի։ Ձողերը տապանակին օղակներուն մէջ թող մնան. անկէ թող չհանուին։ Եւ տապանակին մէջ դի՛ր այն վկայութիւնը՝ որ քեզի պիտի տամ։ Զուտ ոսկիէ քաւութիւն մը շինէ՛, անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու կէս, լայնութիւնը մէկ կանգուն ու կէս ըլլայ։ Ոսկիէ երկու քերովբէներ շինէ՛ քաւութեան երկու ծայրին վրայ։ Կռածոյ շինէ՛ զանոնք։ Մէկ քերովբէն մէկ ծայրէն ու միւս քերովբէն միւս ծայրէն շինէ՛։ Քերովբէները թեւերնին վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը պիտի ծածկեն։ Անոնց երեսները իրարու պիտի նային. քերովբէներուն երեսները դէպի քաւութիւնը պիտի ըլլան։ Քաւութիւնը տապանակին վրայ պիտի դնես։ Քեզի տալու վկայութիւնս տապանակին մէջ դի՛ր։ Հոն ես քեզի պիտի հանդիպիմ ու քաւութեանը վրայէն, վկայութեան տապանակին վրայ եղած երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, Իսրայէլի որդիներուն համար բոլոր քեզի տալիք պատուիրանքներուն վրայով պիտի խօսիմ քեզի հետ։ Սատիմի փայտէ սեղան մը շինէ՛. անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն, լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն ու բարձրութիւնը մէկ կանգուն ու կէս պիտի ըլլայ։ Զանիկա զուտ ոսկիով պատէ՛ ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։ Անոր չորս մատնաչափ եզերք մը շինէ ու եզերքին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինէ՛։ Անոր չորս ոսկի օղակ շինէ, անոր չորս անկիւնը չորս ոտքին քով դիր օղակները։ Օղակները եզերքին քով պէտք է ըլլան, որպէս զի սեղանը վերցնելու համար՝ ձողերուն տեղեր ըլլան։ Ձողերը Սատիմի փայտէ շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։ Սեղանը անոնցմով պիտի վերցուի։ Անոր սկուտեղներ ու խնկամաններ եւ բաժակներ ու գաւաթներ շինէ՛, որպէս զի անոնցմով թափելու նուէր մատուցանուի։ Զանոնք զուտ ոսկիէ շինէ՛։ Սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացը միշտ իմ առջեւս դի՛ր։ Զուտ ոսկիէ աշտանակ մը շինէ՛։ Կռածոյ ըլլալու է աշտանակը։ Անոր բունը, ճիւղերը, սկահակները, գնդակները ու ծաղիկները իրմէ պէտք է ըլլան։ Անոր քովերէն վեց ճիւղեր պէտք է ելլեն. աշտանակին մէկ կողմէն երեք ճիւղ եւ միւս կողմէն երեք ճիւղ ելլեն ։ Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով եւ միւս ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով։ Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս թող ըլլան։ Աշտանակին վրայ չորս նշաձեւ սկահակ պիտի ըլլայ իրենց գնդակներովը ու ծաղիկներովը։ Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերուն երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ ու երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ։ Երկու ճիւղին տակ իրմէ մէկ գնդակ թող ըլլայ։ Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ պէտք է ըլլան։ Ամէնքը մէկ կտորէ՝ զուտ ոսկիէ կռածոյ պէտք է ըլլան։ Անոր եօթը ճրագներ շինէ՛, այնպէս որ ճրագները վառուած ատեն՝ լոյսը առջեւէն տան։ Անոր ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ պէտք է ըլլան։ Անիկա բոլոր այս գործիքներով տաղանդ մը զուտ ոսկիէ պիտի շինուի։ Ջանա՛, որ լեռը քեզի ցուցուած օրինակին պէս շինես զանոնք »։ «Խորանը շինէ՛ տասը վարագոյրներով՝ մանուած բարակ քթանէ ու կապուտակէ եւ ծիրանեգոյնէ ու կրկնակի կարմիրէ. վարպետի գործ շինէ՛ զանոնք քերովբէներով։ Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը քսանըութը կանգուն եւ մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն պէտք է ըլլայ։ Բոլոր վարագոյրներուն չափը նոյնը պէտք է ըլլայ։ Հինգ վարագոյրները իրարու թող կցուին եւ միւս հինգ վարագոյրները՝ իրարու։ Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակեայ օղակներ շինէ՛. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նոյնպէս։ Մէկ վարագոյրին վրայ յիսուն օղակ շինէ՛ եւ միւս կցուածքին վրայ եղած վարագոյրին վրայ ալ յիսուն օղակ շինէ՛։ Օղակները դէմ դիմաց պէտք է ըլլան։ Յիսուն կարթաձեւ ոսկի ճարմանդներ շինէ՛։ Վարագոյրները ճարմանդներով կոճկէ՛ եւ խորան մը թող ըլլայ։ Խորանին վրայ ծածկոց ըլլալու համար այծի մազէ վարագոյրներ շինէ։ Տասնըմէկ վարագոյրներ շինէ՛։ Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը երեսուն կանգուն եւ մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն ըլլայ. տասնըմէկ վարագոյրներուն չափը նոյնը ըլլայ։ Հինգ վարագոյրները զատ ու վեց վարագոյրները զատ կցէ՛ եւ վեցերորդ վարագոյրը խորանին առջեւի կողմէն երկպատիկ ըրէ՛։ Կցուածքին ծայրը եղած մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ ու միւս կցուածքին ծայրը եղած վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինէ՛։ Պղնձէ յիսուն կարթաձեւ ճարմանդներ շինէ՛ ու ճարմանդները օղակներուն անցո՛ւր եւ վրանը կոճկէ, որպէս զի մէկ կտոր ըլլայ։ Վրանին վարագոյրներէն աւելորդ մնացածը, այսինքն վարագոյրին աւելցած կէսը, խորանին ետեւէն թող կախուած մնայ։ Վրանին վարագոյրներուն երկայնութենէն մէկ կանգուն մէկ կողմէն ու մէկ կանգուն միւս կողմէն աւելցածը խորանին քովերը թող կախուած մնան՝ զանիկա մէկ կողմէն ու միւս կողմէն ծածկելու համար։ Վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէն ծածկոց մը ու անոր վրայէն թէհաշի մորթերէն ծածկոց մը շինէ՛։ Խորանին տախտակները Սատիմի փայտէ շինէ՛, որպէս զի կանգնած մնան։ Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն եւ լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն պէտք է ըլլայ։ Ամէն մէկ տախտակը երկերկու ագուցիկ ծայրեր թող ունենայ՝ իրարու յարմարած։ Խորանին բոլոր տախտակները նոյնպէս ըլլան։ Խորանին տախտակներ շինէ՛։ Հարաւային կողմը քսան տախտակ շինէ՛։ Եւ տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ շինէ՛։ Մէկ տախտակին տակ իր երկու ագուցիկ ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ եւ միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ պէտք է ըլլայ։ Խորանին միւս կողմին համար՝ հիւսիսային կողմը՝ քսան տախտակ, Անոնց քառասուն արծաթ խարիսխներ։ Մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ շինէ՛ ։ Խորանին ետեւի կողմին համար՝ արեւմտեան կողմը վեց տախտակ շինէ՛։ Խորանին անկիւններուն համար ետեւի կողմը երկու տախտակ շինէ՛։ Վարէն թող կցուին ու վերէն մէկ օղակով կցուած մէկ կտոր թող ըլլան։ Երկուքն ալ նոյնպէս պէտք է ըլլան։ Անոնք երկու անկիւններուն համար պիտի ըլլան։ Այսպէս ՝ ասոնք ութը տախտակ պիտի ըլլան ու անոնց արծաթ խարիսխները տասնըվեց խարիսխ պիտի ըլլան։ Մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ թող ըլլայ։ Սատիմի փայտէ նիգեր շինէ՛։ Խորանին մէկ քովի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ, Խորանին միւս քովի տախտակներուն համար՝ հինգ նիգ ու դէպի արեւմուտք խորանին ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ պետք է ըլլայ։ Եւ մէջտեղի նիգը, այսինքն տախտակներուն մէջտեղ եղածը, մէկ ծայրէն միւս ծայրը թող անցնի։ Եւ տախտակները ոսկիով պատէ՛ ու անոնց օղակները, այսինքն նիգերուն տեղերը, ոսկիէ շինէ՛։ Նիգերը ոսկիով պատէ՛։ Խորանը կանգնեցուր այն ձեւին համաձայն, որ լերանը վրայ քեզի ցուցուեցաւ։ Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ վարագոյրը մը շինէ՛։ Անիկա վարպետի գործ պիտի ըլլայ՝ քերովբէներով։ Զանիկա Սատիմի փայտէ չորս ոսկեպատ սիւներու վրայ դի՛ր։ Անոնց ճանկերը ոսկի պէտք է ըլլան ու չորս արծաթ խարիսխներու վրայ թող ըլլան։ Վարագոյրը ճարմանդներէն վար կախէ՛ ու հոն վարագոյրին ներսի կողմը վկայութեան տապանակը բեր։ Վարագոյրը ձեզ պիտի բաժնէ սրբութիւնին ու սրբութիւն սրբութեանցին մէջտեղ։ Եւ քաւութիւնը վկայութեան տապանակին վրայ՝ սրբութիւն սրբութեանցին մէջ դի՛ր։ Վարագոյրին դուրսիդին սեղանը ու սեղանին դէմ խորանին հարաւային կողմը՝ աշտանակը դի՛ր ու սեղանը հիւսիսային կողմը դի՛ր։ Վրանին դրանը կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարագործ դրան վարագոյր մը շինէ՛։ Դրան վարագոյրին համար Սատիմի փայտէ հինգ սիւն շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛ եւ անոնց ճանկերը ոսկիէ թող ըլլան ու անոնց համար պղնձէ հինգ խարիսխ ձուլէ՛։ Զոհի սեղանը Սատիմի փայտէ շինէ՛, երկայնութիւնը հինգ կանգուն ու լայնութիւնը հինգ կանգուն։ Սեղանը քառակուսի պէտք է ըլլայ եւ անոր բարձրութիւնը՝ երեք կանգուն։ Անոր եղջիւրները անոր չորս անկիւններուն վրայ շինէ՛։ Եղջիւրները իրմէ թող ըլլան։ Զանոնք պղնձով պատէ՛։ Անոր մոխիրը հաւաքելու համար անոր թաղարներ ու անոր թիակներ եւ անոր կոնքեր ու անոր մսահաններ ու անոր կրակի ամաններ շինէ՛։ Անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինէ՛։ Անոր ցանցակերպ կասկարայ մը շինէ՛ պղնձէ ու ցանցին վրայ չորս պղնձէ օղակ շինէ՛ անոր չորս անկիւններուն համար։ Զանիկա սեղանին շրջանակին տակ դի՛ր ներքեւէն, որպէս զի ցանցը սեղանին մէջտեղը ըլլայ։ Սեղանին համար ձողեր շինէ՛. ձողերը Սատիմի փայտէ ըլլալու են։ Զանոնք պղնձով պատէ՛։ Անոր ձողերը օղակներուն պիտի անցուին։ Ձողերը սեղանին երկու քովերը պիտի ըլլան՝ զանիկա վերցնելու համար։ Զանիկա տախտակներէ շինէ, բայց մէջը պարապ, լեռը քեզի ցուցուածին պէս շինէ անիկա ։ Խորանին սրահ շինէ՛։ Հարաւային կողմին համար սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ ըլլալու են. մէկ քովի երկայնութիւնը հարիւր կանգուն թող ըլլայ։ Անոր քսան սիւներն ու անոնց քսան խարիսխները՝ պղնձէ, բայց սիւներուն ճանկերը եւ անոնց կապերը արծաթէ թող ըլլան։ Եւ նոյնպէս հիւսիսային կողմին համար սրահին երկայնութեանը նայելով՝ վարագոյրները հարիւր կանգուն երկայն պէտք է ըլլան ու անոր քսան սիւները եւ անոնց քսան խարիսխները՝ պղնձէ, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ պէտք է ըլլան։ Արեւմտեան կողմին սրահին լայնութեանը համար՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն, իսկ անոնց սիւները՝ տասը ու անոնց խարիսխները տասը պէտք է ըլլան։ Սրահին արեւելեան կողմի վարագոյրին լայնութիւնը յիսուն կանգուն ըլլալու է։ Եւ դրանը մէկ քովի վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պէտք է ըլլան։ Անոնց սիւները՝ երեք ու անոնց խարիսխները՝ երեք։ Միւս քովի վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն պէտք է ըլլան. անոնց սիւները՝ երեք ու անոնց խարիսխները՝ երեք։ Սրահին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ քսան կանգուն նկարազարդ վարագոյր մը շինէ՛ ։ Ան չորս սիւն ու չորս խարիսխ պէտք է ունենայ։ Սրահին բոլորտիքի բոլոր սիւները արծաթապատ ու անոնց ճանկերը արծաթէ, իսկ խարիսխները՝ պղնձէ պէտք է ըլլան։ Սրահին երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը՝ յիսուն եւ բարձրութիւնը հինգ կանգուն։ Վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ պէտք է ըլլան ու անոնց խարիսխները պղնձէ պէտք է ըլլան։ Խորանին բոլոր գործիքները եւ բոլոր գործածութեան համար անոր բոլոր ցիցերը ու սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ պէտք է ըլլան։ Եւ դուն պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն լոյսի համար, որպէս զի կանթեղները միշտ վառին։ Ահարոնն ու անոր որդիները ժողովի խորանին մէջ՝ վկայութեանը առջեւի վարագոյրին դուրսիդին՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ զայն վառելու հոգ տանին. ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն ըլլայ իրենց սերունդին մէջ Իսրայէլի որդիներուն կողմանէ։ «Քեզի մօտեցուր քու եղբայրդ Ահարոնը՝ իր որդիներուն հետ՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջէն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն. Ահարոնը եւ իր որդիները՝ Նադաբը ու Աբիուդը, Եղիազարը ու Իթամարը։ Եղբօրդ Ահարոնին սուրբ զգեստներ շինէ՛ պատիւի ու փառքի համար։ Դուն ըսէ բոլոր իմաստուն միտք ունեցողներուն, որոնք ես իմաստութեան հոգիով լեցուցի, որ Ահարոնին զգեստներ շինեն՝ զանիկա օրհնելու համար՝ որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ։ Անոնց զգեստները ասոնք են՝ լանջապանակ ու եփուտ եւ պատմուճան ու նկարազարդ շապիկ, խոյր եւ գօտի։ Սուրբ զգեստներ շինեն քու եղբօրդ Ահարոնին ու անոր որդիներուն, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ Վարպետները թող գործածեն ոսկի ու կապուտակ եւ ծիրանեգոյն ու կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան։ Ոսկի թելէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ եւ մանուած բարակ քթանէ վարպետութեամբ թող շինեն եփուտը։ Անոր երկու ծայրերը երկու կցուած վակասներ պէտք է ունենան, որպէս զի եփուտը միանայ։ Եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը անոր շինուածքին պէս նոյն նիւթէն՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ ըլլալու են։ Երկու եղնգնաքարեր պիտի առնես ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները փորագրես։ Անոնց անուններուն վեցը՝ մէկ քարի վրայ եւ մնացած վեց անունները՝ ուրիշ քարի մը վրայ՝ անոնց ծնունդներուն համաձայն փորագրուի ։ Այն երկու քարերուն վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները ակունք բանողի գործով՝ այսինքն կնիք փորագրելու պէս փորագրէ, ոսկի խորշերու մէջ գամէ՛ զանոնք։ Երկու քարերը եփուտին ուսերուն վրայ դի՛ր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն յիշատակի քարեր ըլլան։ Ահարոն անոնց անունները յիշատակի համար իր երկու ուսերուն վրայ պիտի կրէ Տէրոջը առջեւ։ Ոսկիէ խորշեր շինէ Եւ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած՝ երկու շղթաներ շինէ՛ ու հիւսուած շղթաները խորշերուն անցուր։ Դատաստանի լանջապանակը վարպետի գործ ըլլալու է։ Զանիկա եփուտին շինուածքին պէս շինէ՝ ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։ Քառակուսի պէտք է ըլլայ երկուքի ծալլուելով։ Անոր երկայնութիւնը՝ մէկ թիզ ու անոր լայնութիւնը մէկ թիզ պէտք է ըլլայ։ Եւ անոր մէջ ակունքներու գամուածքին նման չորս կարգ քարեր գամէ՛, այս կարգով՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ՝ առաջին կարգը պիտի ըլլան։ Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ։ Երրորդ կարգը՝ գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։ Չորրորդ կարգը՝ ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկիի խորշերու մէջ պիտի գամուին։ Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն պէս տասներկու հատ պիտի ըլլան։ Անոնց անուններուն համաձայն՝ ամէն մէկը իր անունովը տասներկու ցեղին համաձայն՝ կնիքի նման պիտի փորագրուին ։ Եւ լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինէ՛։ Լանջապանակին վրայ երկու ոսկի օղակներ շինէ՛ ու այն երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերուն վրայ դի՛ր։ Երկու հիւսուած ոսկի շղթաները լանջապանակին ծայրը եղած երկու օղակներուն անցո՛ւր։ Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը այն երկու խորշերուն անցո՛ւր ու զանոնք եփուտին առջեւի կողմէն ուսերուն վրայ դի՛ր։ Երկու ոսկի օղակներ ալ շինէ՛ ու զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն՝ եփուտին երկու ուսերուն դիր։ Եւ ուրիշ երկու ոսկի օղակներ շինէ, զանոնք եփուտին երկու ուսերուն տակէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուր Որ լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեն, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլան ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի։ Երբ Ահարոն սրբարանը մտնէ, Իսրայէլի որդիներուն անունները Տէրոջը առջեւ յիշատակի համար՝ միշտ իր սրտին վրայ եղած դատաստանի լանջապանակին վրայ պէտք է կրէ։ Դատաստանի լանջապանակին մէջ Ուրիմը ու Թումիմը դի՛ր։ Անոնք Ահարոնին սրտին վրայ ըլլան, երբ Տէրոջը առջեւ երթայ։ Ահարոն Տէրոջը առջեւ միշտ իր սրտին պէտք է կրէ Իսրայէլի որդիներուն դատաստանը։ Եփուտին պատմուճանը բոլորովին կապուտակէ շինէ։ Անոր մէջտեղը գլուխ անցընելու ճեղքուածք մը պէտք է ըլլայ. ճեղքուածքին բոլորտիքը զրահի ճեղքուածքին պէս հիւսուած եզերք ունենալու է, որպէս զի չպատռի։ Անոր քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ նուռեր շինէ՛ քղանցքներուն բոլորտիքը։ Անոնց մէջտեղ շուրջանակի ոսկի զանգակներ։ Պատմուճանին քղանցքին վրայ շուրջանակի ոսկի զանգակ մը ու նուռ մը։ Պաշտամունքի ատեն անիկա Ահարոնին վրայ պէտք է ըլլայ ու Տէրոջը սրբարանը մտած ու ելած ատենը անոր ձայնը պիտի լսուի, որպէս զի չմեռնի։ Զուտ ոսկիէ թիթեղ մը շինէ՛ ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ՝ ՝ փորագրէ՛։ Կապուտակ ժապաւէն մը անցուր անոր, որ խոյրին վրայ դրուի եւ խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմը ըլլայ։ Անիկա Ահարոնին ճակատին վրայ թող ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն նուիրած բոլոր սուրբ ընծաներուն ոեւէ անօրէնութիւն Ահարոնը կրէ։ Միշտ իր ճակատին վրայ պէտք է ըլլայ, որպէս զի անոնք ընդունելի ըլլան Տէրոջը առջեւ։ Շապիկը բարակ քթանէ նկարէն հիւսէ՛ ու խոյրը բարակ քթանէ շինէ՛ եւ գօտին նկարազարդ շինէ՛։ Ահարոնի որդիներուն շապիկներ շինէ՛ ու անոնց գօտիներ շինէ՛ եւ պատիւի ու փառքի համար անոնց ապարօշներ շինէ՛։ Զանոնք քու եղբօրդ Ահարոնին ու իրեն հետ իր որդիներուն հագցուր։ Զանոնք օծէ՛ եւ օրհնէ՛՝ ՝ ու սրբէ՛ զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ Անոնց կտաւէ անդրավարտիքներ շինէ՛, իրենց մարմինին մերկութիւնը ծածկելու համար։ Անոնց մէջքերէն մինչեւ ծունկերը պէտք է հասնին։ Անոնք Ահարոնին ու անոր որդիներուն վրայ պիտի ըլլան՝ երբ վկայութեան խորանը մտնեն, կամ երբ սեղանին մօտենան սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար, որ չըլլայ թէ անօրէնութիւն կրեն ու մեռնին։ Ասիկա յաւիտենական կանոն մը ըլլայ իրեն ու իրմէ ետքը իր սերունդին։ «Հետեւեալները ըրէ՛ զանոնք սրբելու համար, որպէս զի ինծի քահանայ ըլլան. արջառներէն զուարակ մը ու երկու անարատ խոյ պիտի առնես, Անխմոր հաց ու իւղով շաղուած անխմոր շօթեր եւ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պիտի առնես ։ Ասոնք ցորենի բարակ ալիւրով պիտի շինես Եւ սակառի մը մէջ պիտի դնես ու զուարակն ու երկու խոյերը պիտի մօտեցնես։ Ահարոնն ու անոր որդիները վկայութեան խորանին դրանը պիտի մօտեցնես ու զանոնք ջրով պիտի լուաս։ Զգեստները պիտի առնես ու շապիկը եւ եփուտին պատմուճանը ու եփուտը եւ լանջապանակը Ահարոնին պիտի հագցնես ու եփուտին ժապաւէնովը պիտի գօտեւորես զանիկա։ Խոյրը անոր գլուխը պիտի դնես ու խոյրին վրայ՝ սուրբ պսակը։ Եւ օծման իւղը պիտի առնես ու անոր գլխուն վրայ թափելով՝ պիտի օծես զանիկա։ Անոր որդիները պիտի մօտեցնես ու անոնց շապիկներ պիտի հագցնես Եւ գօտիներով պիտի գօտեւորես զանոնք՝ այսինքն Ահարոնն ու անոր որդիները։ Անոնց գլուխը ապարօշներ պիտի փաթթես, որպէս զի քահանայութիւնը անոնցը ըլլայ յաւիտենական կանոնով։ Այսպէս պիտի օրհնես Ահարոնը ու անոր որդիները։ Եւ զուարակը վկայութեան խորանին առջեւ պիտի մօտեցնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ պիտի դնեն։ Եւ վկայութեան խորանին դրանը քով ՝ Տէրոջը առջեւ պիտի մորթես զուարակը։ Եւ զուարակին արիւնէն պիտի առնես ու մատովդ սեղանին եղջիւրներուն վրայ պիտի քսես եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին տակ պիտի թափես։ Եւ փորոտիքը ծածկող ճարպն ու լեարդին վրայ եղած թաղանթը եւ երկու երիկամունքը ու անոնց վրայ եղած ճարպը պիտի առնես եւ սեղանին վրայ այրես։ Բայց զուարակին միսը ու անոր մորթը եւ անոր աղբը բանակին դուրսիդին կրակով պիտի այրես, արպէս մեղքի պատարագ։ Խոյերուն մէկը պիտի առնես եւ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ պիտի դնեն։ Այն խոյը պիտի մորթես ու անոր արիւնը առնես եւ սեղանին վրայ շրջանակաձեւ սրսկես։ Խոյը կտոր կտոր պիտի ընես։ Անոր փորոտիքը եւ ոտքերը պիտի լուաս ու զանոնք անոր կտորներուն եւ գլխուն վրայ պիտի դնես։ Բոլոր խոյը պիտի այրես սեղանին վրայ։ Այս ողջակէզը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է։ Միւս խոյը պիտի առնես ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ պիտի դնեն։ Խոյը պիտի մորթես ու արիւնէն պիտի առնես եւ Ահարոնին աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր որդիներուն աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ ու անոնց աջ ոտքին մեծ մատին վրայ պիտի քսես։ Մնացած արիւնը սեղանին վրայ շրջանակաձեւ պիտի սրսկես։ Եւ սեղանին վրայ եղած արիւնէն ու օծման իւղէն պիտի առնես եւ Ահարոնին վրայ ու անոր զգեստներուն վրայ եւ անոր հետ իր որդիներուն վրայ ու իր որդիներուն զգեստներուն վրայ պիտի սրսկես։ Անիկա ու անոր զգեստները եւ անոր հետ իր որդիները ու իր որդիներուն զգեստները սուրբ պիտի ըլլան։ Ապա պիտի առնես իւղին ճարպն ու դմակը եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը ու երկու երիկամունքը եւ անոնց վրայ եղած ճարպը ու աջ զիստը, վասն զի այս քահանային օրհնութեան խոյն է։ Տէրոջը առջեւ եղած անխմոր հացի սակառէն մէկ պան հացի ու մէկ իւղով հացի շօթ եւ մէկ լաւաշ պիտի առնես Եւ ամէնքը Ահարոնին ձեռքը ու անոր որդիներուն ձեռքը պիտի դնես եւ զանոնք Տէրոջը ընծայ մատուցանես։ Անոնց ձեռքէն պիտի առնես զանոնք ու սեղանին վրայի ողջակէզին վրայ այրես Տէրոջը առջեւ անոյշ հոտի համար։ Ասիկա պատարագ մըն է Տէրոջը։ Ահարոնին քահանայ ձեռնադրութեան համար պատրաստուած խոյին երբուծը պիտի առնես ու զանիկա որպէս ընծայ Տէրոջը պիտի մատուցանես։ Եւ այն քու բաժինդ պիտի ըլլայ։ Ահարոնին համար ու անոր որդիներուն համար եղած քահանայի ձեռնադրութեան խոյին երերցնելու երբուծը ու բարձրացնելու զիստը պիտի սրբես։ Ասիկա յաւիտենական կանոնով Ահարոնին ու անոր որդիներունը պիտի ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն կողմէ. վասն զի այս բարձրացնելու ընծայ է եւ պիտի ըլլայ բարձրացնելու ընծայ, Իսրայէլի որդիներէն իրենց խաղաղութեան զոհերէն բուն իրենց բարձրացնելու ընծան Տէրոջը։ Ահարոնին սուրբ զգեստները իրմէ ետքը իր որդիներուն պիտի ըլլան, որպէս զի անոնցմով օծուին ու անոնցմով օրհնուին։ Անիկա որ իր որդիներէն իր տեղ քահանայ ըլլալով՝ սրբարանին մէջ պաշտամունք կատարելու համար վկայութեան խորանը պիտի մտնէ, զանոնք եօթը օր հագնի։ Քահանային օրհնութեան խոյը պիտի առնես ու անոր միսը սուրբ տեղ մը պիտի եփես։ Ահարոն ու իր որդիները վկայութեան խորանին դրանը քով պիտի ուտեն խոյին միսը ու սակառին մէջի հացը։ Անոնք պիտի ուտեն այն բաները՝ որ իրենց ձեռնադրուելուն ու սրբուելուն համար անոնցմով քաւութիւն եղաւ։ Օտարական մը անոնցմէ պիտի չուտէ, վասն զի ասոնք սուրբ են։ Եթէ ձեռնադրութեան միսէն ու հացէն մինչեւ առտու մնայ, այդ աւելցածը կրակով պիտի այրես։ Անիկա պիտի չուտուի, վասն զի սուրբ է։ Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն բոլոր քեզի ապսպրածիս պէս պիտի ընես։ Եօթը օրուան մէջ պիտի կատարես անոնց օրհնութիւնը։ Օրը մէկ զուարակ մեղքի պատարագ պիտի ընես քաւութեան համար ու սեղանին համար քաւութիւն ընելու ատենդ պիտի մաքրես զանիկա եւ սուրբ ընելու համար պիտի օծես զանիկա։ Սեղանին համար եօթը օր քաւութիւն պիտի ընես ու սուրբ պիտի ընես զայն եւ սեղանը ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ինչ որ սեղանին դպչի սուրբ պիտի ըլլայ։ Սեղանին վրայ ընելու զոհդ այս է։ Ամէն օր մէկ տարեկան երկու գառներ՝ Մէկ գառը առտուն պիտի մատուցանես ու միւս գառը՝ իրիկուան դէմ։ Մէկ գառին հետ մէկ հիմենի քառորդ ծեծուած ձէթով շաղուած մէկ տասնորդ բարակ ալիւր եւ թափելու նուէրին համար մէկ հիմենի քառորդ մը գինի պիտի մատուցանես ։ Միւս գառը իրիկուան դէմ պիտի զոհես ու առտուան հացի ընծային պէս՝ անոր ըմպելի նուէրին պէս պիտի ընես։ Այս անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։ Անիկա ձեր ազգերուն մէջ մշտնջենաւոր ողջակէզ պիտի ըլլայ Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դրանը քով, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ, քեզի հետ խօսելու համար։ Հոն Իսրայէլի որդիներուն պիտի հանդիպիմ ու խորանը իմ փառքովս սուրբ պիտի ըլլայ։ Վկայութեան խորանը ու սեղանը պիտի սրբեմ։ Ահարոնն ու անոր որդիներն ալ պիտի սրբեմ, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։ Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ, որ իրենց մէջ բնակելու համար Եգիպտոսի երկրէն հանեցի զանոնք։ Ես եմ իրենց Տէր Աստուածը»։ «Խունկ ծխելու սեղան մը շինէ՛ Սատիմի փայտէ շինէ՛ զանիկա։ Անոր երկայնութիւնը կանգուն մը ու անոր լայնութիւնը կանգուն մը, քառակուսի պիտի ըլլայ եւ անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն։ Իր եղջիւրները իրմէ թող ըլլան։ Անոր գլուխը ու անոր քովերը շրջանակաձեւ եւ անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատէ՛ ու շրջանակաձեւ ոսկի պսակ մը շինէ՛ անոր։ Եւ երկու ոսկի օղակներ շինէ՛ անոր. պսակին տակէն՝ անոր երկու քովերը երկու կողմերէն շինէ՛, որպէս զի անոնք վերցուելու համար ձողերուն անցընելու տեղերը ըլլան։ Ձողերը Սատիմի փայտէ շինէ՛ ու զանոնք ոսկիով պատէ՛։ Եւ զանիկա դի՛ր վկայութեանը վրայի քաւութեան առջեւ՝ վկայութեան տապանակին քով եղած վարագոյրին առջեւ, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։ Ահարոն անոր վրայ անուշահոտ խունկ պիտի ծխէ։ Ամէն առտու ճրագները շտկած ատենը խունկ պիտի ծխէ։ Ահարոն իրիկուան դէմ ճրագները վառած ատենը խունկ պիտի ծխէ, որ Տէրոջը առջեւ մշտնջենական խունկ ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։ Անոր վրայ օտար խունկ, կամ ողջակէզ, կամ հացի ընծայ չմատուցանէք. ո՛չ ալ անոր վրայ նուէր թափէք։ Ահարոն տարին անգամ մը անոր եղջիւրներուն վրայ քաւութիւն պիտի ընէ. անիկա քաւութիւններուն մեղքին պատարագին արիւնովը անոր վրայ քաւութիւն պիտի ընէ տարին անգամ մը ձեր ազգերուն մէջ։ Ասիկա ամենասուրբ է Տէրոջը»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով. «Երբ Իսրայէլի որդիներուն հաշիւը առնելու ըլլաս՝ իրենց թիւին նայելով, այն ատեն անոնց ամէն մէկը իր հոգիին փրկանքը պիտի տայ Տէրոջը՝ զանոնք համրած ատենդ, որպէս զի անոնց մէջ հարուած չըլլայ երբ զանոնք համրես։ Անոնք ատիկա պիտի տան. ամէն մէկը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, սրբարանին սիկղին համեմատ կէս սիկղ արծաթ պիտի տայ ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։ Տէրոջը ընծան կէս սիկղ պիտի ըլլայ։ Ամէն քսան տարեկանէն վեր եղողը որ կ’անցնի եւ կը համրուի, այս ընծան Տէրոջը պիտի տայ։ Երբ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար Տէրոջը ընծայ տաք՝ կէս սիկղէն ո՛չ հարուստը աւելի ու ո՛չ աղքատը պակաս պիտի տայ։ Իսրայէլի որդիներէն քաւութեան արծաթը ա՛ռ ու վկայութեան խորանին պաշտօնեային տա՛ր, որպէս զի Տէրոջը առջեւ յիշատակ ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր հոգիներուն քաւութիւն ընելու համար»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Նաեւ պղնձէ աւազան մը շինէ՛ լուացման համար ու անոր խարիսխն ալ պղնձէ ըլլայ եւ վկայութեան խորանին ու սեղանին մէջտեղ դիր զայն։ Անոր մէջ ջուր լեցո՛ւր։ Ահարոնն ու իր որդիները իրենց ձեռքերը ու ոտքերը թող լուան անով։ Երբ անոնք վկայութեան խորանը մտնելու ըլլան, կամ երբ սեղանին մօտենալու ըլլան՝ պաշտամունք կատարելու եւ կրակով Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար, ջրով թող լուացուին, որպէս զի չմեռնին. Այսպէս իրենց ձեռքերը ու ոտքերը լուան, որպէս զի չմեռնին։ Ասիկա իրենց յաւիտենական կանոն պիտի ըլլայ, թէ՛ իրեն եւ թէ՛ իր սերունդին՝ իրենց ազգերուն մէջ»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ա՛ռ քեզի պատուական համեմներ, զուտ զմուռս հինգ հարիւր սիկղ եւ անոր կէսին չափ՝ այսինքն երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ կինամոն ու երկու հարիւր յիսուն սիկղ անուշահոտ խնկեղէգն Եւ հինգ հարիւր սիկղ կասիա՝ սրբարանին սիկղին համեմատ ու մէկ հիմէն ձէթ Եւ սուրբ օծման իւղ պիտի ընես զայն՝ իւղագործի արհեստով բաղադրուած։ Անիկա սուրբ օծման իւղ պիտի ըլլայ։ Անով պիտի օծես վկայութեան խորանը ու վկայութեան տապանակը Եւ սեղանը ու անոր բոլոր անօթները եւ աշտանակը ու անոր գործիքները եւ խունկին սեղանը։ Ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներով եւ աւազանը ու անոր խարիսխը։ Պիտի սրբես զանոնք, որպէս զի ամենասուրբ ըլլան։ Ինչ որ անոնց դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ։ Ահարոնն ու իր որդիները պիտի օծես ու սուրբ պիտի ընես զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ Իսրայէլի որդիներուն ըսէ. Ասիկա ինծի օծման սուրբ իւղ պիտի ըլլայ ձեր ազգերուն մէջ։ Մարդու մարմնի վրայ պիտի չթափուի ան եւ անոր բաղադրութեանը պէս անոր նմանը չշինէք։ Ասիկա սուրբ է ու ձեզի սուրբ պիտի ըլլայ։ Ով որ անոր նմանը շինէ, կամ ով որ անկէ օտարականի վրայ դնէ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ա՛ռ քեզի անուշահոտ համեմներ՝ այսինքն ստաշխն ու եղունգն եւ քաղբան։ Այս անուշահոտ համեմները մաքուր կնդրուկով, բոլորը հաւասար ծանրութեամբ թող ըլլան։ Եւ զանոնք իւղագործի արհեստով իրարու խառնուած՝ ՝ բաղադրութեամբ մը՝ խունկ շինէ մաքուր ու սուրբ։ Անկէ քիչ մը ծեծէ՛ շատ բարակ ու վկայութեան խորանին մէջ վկայութեան առջեւ դի՛ր, ուր ես քեզի պիտի հանդիպիմ։ Անիկա ձեզի ամենասուրբ պիտի ըլլայ։ Այն քու շինելու խունկիդ բաղադրութիւնը ձեզի համար չշինէք։ Անիկա քեզի սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը համար։ Ով որ հոտոտելու համար անոր նմանը շինելու ըլլայ, իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ահա Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը անունովը կանչեցի։ Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով ու հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուցի զանիկա, Որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիով ու արծաթով եւ պղնձով գործէ։ Գամելու համար քարեր կտրելով ու փայտեր քանդակելով եւ ամէն տեսակ գեղարուեստական գործ։ Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբը տուի անոր հետ։ Ամէն իմաստունի սրտին մէջ իմաստութիւն դրի, որպէս զի բոլոր քեզի պատուիրածներս պատրաստես։ Վկայութեան խորանը եւ վկայութեան տապանակը ու անոր վրայ եղած քաւութիւնը եւ խորանին բոլոր կարասիները Եւ սեղանը ու անոր անօթները եւ մաքուր աշտանակը իր բոլոր գործիքներով եւ խունկին սեղանը Եւ ողջակէզին սեղանը իր բոլոր գործիքներովը եւ աւազանը ու անոր խարիսխը Եւ պաշտամունքին զգեստները ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները եւ անոր որդիներուն զգեստները, քահանայութիւն ընելու համար Եւ օծման իւղը ու սրբարանին համար անուշահոտ խունկը բոլոր քեզի պատուիրածիս պէս»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու ըսաւ. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. Անշուշտ իմ շաբաթներս պիտի պահէք. վասն զի այս նշան մըն է իմ ու ձեր մէջտեղ եւ ձեր ազգերուն մէջ, որպէս զի գիտնաք թէ ձեզ սուրբ ընող Տէրը ես եմ։ Ուստի շաբաթը պահեցէք. վասն զի այն ձեզի սուրբ է. ով որ զանիկա պղծէ, անշուշտ պիտի մեռնի. քանզի ամէն ով որ այն օրը գործ մը գործէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի։ Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը, հանգստութեան շաբաթը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Ով որ շաբաթ օրը գործ մը գործէ, անշուշտ պիտի մեռցուի։ Անոր համար Իսրայէլի որդիները պիտի պահեն շաբաթը, որպէս զի շաբաթը իրենց ազգերուն մէջ յաւիտենական ուխտ մը ընեն։ Անիկա յաւիտենական նշան մըն է իմ ու Իսրայէլի որդիներուն մէջտեղ. քանզի Տէրը վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ եօթներորդ օրը դադարեցաւ ու հանգստացաւ»։ Երբ Սինա լերանը վրայ Մովսէսին հետ խօսիլը լմնցուց, վկայութեան երկու տախտակները տուաւ անոր, Աստուծոյ մատովը գրուած քարէ տախտակներ։ Երբ ժողովուրդը տեսաւ, որ Մովսէս ուշացաւ լեռնէն իջնելու, Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին. «Ելի՛ր, մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ»։ Ահարոն ըսաւ անոնց. «Ձեր կիներուն, ձեր տղաքներուն եւ ձեր աղջիկներուն ականջները եղած ոսկի օղերը հանեցէ՛ք ու ինծի բերէ՛ք»։ Բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները եղած օղերը հանեցին եւ Ահարոնին բերին։ Անիկա առաւ անոնց ձեռքէն ու տիպով մը քանդակեց եւ ձուլածոյ հորթ մը շինեց։ Ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին»։ Եւ երբ Ահարոն տեսաւ ասիկա, անոր առջեւ սեղան մը շինեց։ Ահարոն յայտարարեց. «Վաղը տօն է Տէրոջը»։ Հետեւեալ առաւօտ կանուխ ելան ու ողջակէզներ մատուցանեցին եւ խաղաղութեան զոհեր բերին եւ ժողովուրդը ուտելու ու խմելու նստան ու խաղալու ելան։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գնա՛, իջի՛ր. վասն զի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր. Անոնք շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որ իրենց պատուիրեցի։ Իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ անոր երկրպագութիւն ըրին։ Անոր զոհեր մատուցանեցին ու ըսին. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, ասոնք են քու աստուածներդ, որոնք քեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցին’»։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ես տեսայ այս ժողովուրդը եւ ահա այս խստապարանոց ժողովուրդ մըն է, Ուստի հիմա զիս առանձին թողո՛ւր, որպէս զի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքի ու փճացնեմ զանոնք։ Բայց քեզ մեծ ազգ մը ընեմ»։ Իսկ Մովսէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ աղաչեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ վրայ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ զօրութիւնով ու զօրաւոր ձեռքով։ Ինչո՞ւ համար Եգիպտացիք խօսին ու ըսեն թէ՝ ‘Չարութեան համար հանեց զանոնք, որպէս զի լեռներուն մէջ մեռցնէ ու զանոնք երկրի երեսէն փճացնէ’։ Դարձի՛ր քու սաստիկ բարկութենէդ ու դադարէ այս չարիքը քու ժողովուրդիդ վրայ բերելէ ։ Յիշէ՛ քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակը ու Իսրայէլը, որոնց դուն քու անձովդ երդում ըրիր ու ըսիր անոնց. ‘Ձեր սերունդը երկնքի աստղերուն պէս պիտի շատցնեմ եւ բոլոր այս երկիրը՝ որուն վրայով խօսեցայ, ձեր սերունդին պիտի տամ ու զայն պիտի ժառանգեն յաւիտեան’»։ Տէրը զղջաց այն չարիքին համար, որ ըսեր էր թէ իր ժողովուրդին պիտի ընէ։ Մովսէս դարձաւ ու լեռնէն իջաւ։ Վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Տախտակներուն երկու կողմերը գրուած էին։ Թէ՛ մէկ կողմէն եւ թէ՛ միւս կողմէն գրուած էին։ Տախտակները Աստուծոյ գործն էին։ Տախտակներու վրայ Աստուած գրած էր։ Երբ Յեսու պոռացող ժողովուրդին ձայնը լսեց, ըսաւ Մովսէսին. «Բանակին մէջ պատերազմի ձայն կայ»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Անիկա յաղթողներու ձայն չէ, ո՛չ ալ յաղթուածներու աղաղակի ձայն է. հապա խաղի ձայն կը լսեմ ես»։ Մովսէս բանակին մօտենալով՝ հորթն ու պար բռնողները տեսածին պէս՝ բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ տախտակները իր ձեռքէն նետեց ու լերանը վարի դին կոտրտեց զանոնք։ Անոնց շինած հորթը առաւ ու կրակով այրեց ու մանր փոշի ըրաւ եւ ջուրին վրայ ցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն խմցուց։ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Այս ժողովուրդը ի՞նչ ըրաւ քեզի, որ անոնց վրայ այսչափ մեծ մեղք մը բերիր»։ Ահարոն ըսաւ. «Թող իմ տիրոջս բարկութիւնը չբորբոքի. դուն կը ճանչնաս այս ժողովուրդը, որ չարին հակամէտ են։ Ինծի ըսին՝ ‘Մեզի աստուածներ շինէ՛, որպէս զի մեր առջեւէն երթան, վասն զի Մովսէսը, մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող մարդը, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ’։ Ես ըսի անոնց. ‘Ով որ ոսկի ունի՝ թող հանէ’։ Բերին ինծի ու ես կրակը ձգեցի զայն եւ այս հորթը ելաւ»։ Երբ Մովսէս ժողովուրդին անառակութիւնը տեսաւ, (քանզի Ահարոն թող տուեր էր զանոնք անառակութիւն ընելու՝ ՝ իրենց թշնամիներուն մէջ խայտառակ ըլլալու չափ,) Այն ատեն Մովսէս բանակին դուռը կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ով որ Տէրոջը կողմէն է, թող ինծի գայ »։ Ղեւիի բոլոր որդիները անոր քով հաւաքուեցան Եւ ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ամէն մարդ իր սուրը թող իր մէջքը դնէ ու բանակին մէջ դռնէ դուռ անցնին դառնան։ Ամէն մարդ իր եղբայրը, ամէն մարդ իր ընկերը եւ ամէն մարդ իր դրացին մեռցնէ’»։ Ղեւիին որդիները Մովսէսին խօսքին պէս ըրին։ Այն օրը ժողովուրդէն երեք հազար մարդու չափ ինկան։ Քանզի Մովսէս ըսեր էր. «Այսօր տնօրինուած է որ ձեզմէ ամէն մեկը իր որդին ու իր եղբայրը Տէրոջը նուիրէ, որպէս զի ձեր վրայ օրհնութիւն գայ այսօր»։ Հետեւեալ օրը Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Դուք մեծ մեղք գործեցիք ու հիմա Տէրոջը պիտի ելլեմ, թերեւս քաւութիւն մը ստանամ ձեր մեղքին համար»։ Եւ Մովսէս դարձաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Ո՜հ, այս ժողովուրդը մեծ մեղք մը գործեց, իրեն ոսկիէ աստուածներ շինելով, Բայց հիմա եթէ անոնց մեղքերը պիտի ներես՝ ներէ, եթէ ոչ՝ կ’աղաչեմ, աւրէ՛ զիս քու գրած գրքէդ»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ով որ ինծի դէմ մեղանչեց, զանիկա իմ գրքէս պիտի աւրեմ։ Ուստի հիմա գնա՛, ժողովուրդը այն տեղը տար, որ քեզի ըսի։ Ահա իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ. բայց այցելութիւն ընելու օրս անոնց մեղքը իրենց վրայ պիտի բերեմ»։ Տէրը զարկաւ ժողովուրդը, Ահարոնին ձուլած հորթը շինելնուն համար։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ելի՛ր դուն ու ժողովուրդն ալ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր ու գնա՛ այն երկիրը, որուն համար երդում ըրի Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զայն’։ Քու առջեւէդ հրեշտակ մը պիտի ղրկեմ ու Քանանացին, Ամօրհացին, Քետացին, Փերեզացին, Խեւացին ու Յեբուսացին պիտի վռնտեմ։ Կաթ ու մեղր բղխող երկիրը պիտի ելլես. բայց ես ձեզի հետ՝ ՝ պիտի չելլեմ, քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես. չըլլայ որ քեզ ճամբուն մէջ բնաջինջ ընեմ»։ Երբ ժողովուրդը այս չար խօսքը լսեց, սուգ ըրաւ եւ մէ՛կը իր զարդը իր վրայ չդրաւ. Վասն զի Տէրը ըսած էր Մովսէսին. «Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Դուք խստապարանոց ժողովուրդ մըն էք. եթէ րոպէ մը ձեր մէջ ելլելու ըլլամ, ձեզ բնաջինջ պիտի ընեմ. ուստի հիմա ձեր վրայէն զարդերնիդ վերցուցէք, որպէս զի ձեզի ընելիքս գիտնամ’»։ Իսրայէլի որդիները իրենց զարդերը հանեցին Քորեբ լերան քով։ Մովսէս առաւ խորանը ու բանակին դուրսիդին՝ բանակէն հեռու կանգնեցուց զայն եւ անոր անունը «Վկայութեան Խորան» դրաւ եւ ով որ Տէրը կը խնդրէր, բանակին դուրսիդին եղած վկայութեան խորանը կ’ելլէր։ Երբ Մովսէս խորանը կ’երթար, բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէր ու ամէն մէկը իր վրանին դուռը կը կայնէր ու Մովսէսին ետեւէն կը նայէր, մինչեւ անիկա խորանը մտնէր։ Մովսէս խորանը մտածին պէս ամպի սիւնը կ’իջնէր ու խորանին դուռը կը կայնէր եւ Տէրը Մովսէսին հետ կը խօսէր։ Բոլոր ժողովուրդը կը տեսնէր, որ ամպի սիւնը խորանին դուռը կը կայնէր ու բոլոր ժողովուրդը կ’ելլէր եւ ամէն մէկը իր վրանին դուռը երկրպագութիւն կ’ընէր։ Տէրը կը խօսէր Մովսէսին հետ դէմ առ դէմ, ինչպէս մարդ մը իր բարեկամին հետ կը խօսի ու Մովսէս նորէն բանակը կը դառնար, բայց անոր ծառան, Նաւէի որդին Յեսու պատանին, խորանին մէջէն չէր հեռանար։ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Նայէ՛, դուն կ’ըսես ինծի՝ ‘Հանէ՛ այս ժողովուրդը’. բայց դուն ինծի չգիտցուցիր թէ ո՞վ ինծի հետ պիտի ղրկես։ Բայց ըսիր՝ ‘Քեզ անունովդ կը ճանչնամ ու նաեւ իմ առջեւս շնորհք գտար’։ Ուստի հիմա կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէս զի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ ու միտքդ բեր՝ ՝ որ այս ազգը քու ժողովուրդդ է»։ Անիկա ըսաւ. «Իմ ներկայութիւնս քեզի հետ պիտի երթայ ու քեզ պիտի հանգստացնեմ»։ Եւ Մովսէս ըսաւ անոր. «Եթէ քու ներկայութիւնդ մեզի հետ չերթայ, մեզ այս տեղէն մի՛ հաներ։ Քանզի ինչո՞վ պիտի գիտցուի թէ ես ու քու ժողովուրդդ քու առջեւդ շնորհք գտանք, եթէ ո՛չ՝ քու մեզի հետ երթալովդ։ Այսպէս ես ու քու ժողովուրդդ երկրի երեսին վրայ եղած բոլոր ժողովուրդներէն պիտի զատուինք»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այս բանն ալ պիտի ընեմ, որ դուն ըսիր, վասն զի իմ առջեւս շնորհք գտար ու ես քեզ անունովդ կը ճանչնամ»։ Մովսէս ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քու փառքդ ցուցուր ինծի»։ Տէրը ըսաւ. «Իմ բոլոր բարութիւնս քու առջեւէդ պիտի անցընեմ ու Տէրոջը անունը քու առջեւդ պիտի կանչեմ եւ որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։ Ու աւելցուց. «Դուն իմ երեսս չես կրնար տեսնել. վասն զի մարդ չի կրնար զիս տեսնել ու ապրիլ»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ահա քովս տեղ մը կայ ու ժայռին վրայ կայնէ. Եւ երբ իմ փառքս անցնելու ըլլայ՝ քեզ ժայռին խոռոչին մէջ դնեմ ու քեզ իմ ձեռքովս ծածկեմ, մինչեւ որ ես անցնիմ. Ետքը իմ ձեռքս պիտի վերցնեմ ու իմ ետիս պիտի տեսնես. բայց իմ երեսս պիտի չտեսնուի»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քեզի երկու քարէ տախտակներ կոփէ առաջուաններուն պէս ու այն տախտակներուն վրայ պիտի գրեմ առաջուան տախտակներուն վրայի խօսքերը, որոնք դուն կոտրտեցիր։ Առտուն պատրաստ եղիր ու Սինա լեռը ելի՛ր, հոն լերան գլուխը առջեւս կայնէ։ Մէ՛կը պիտի չելլէ քեզի հետ եւ մէ՛կը պիտի չտեսնուի բոլոր լերանը վրայ, ո՛չ ալ այդ լերանը ստորոտը ոչխար կամ արջառ պիտի արածուի»։ Մովսէս առաջուաններուն պէս երկու քարէ տախտակներ կոփեց ու առտուն կանուխ ելաւ ու Տէրոջը իրեն պատուիրածին պէս Սինա լեռը գնաց։ Երկու քարէ տախտակները իր ձեռքը առաւ։ Տէրը ամպով իջաւ ու հոն անոր քով կեցաւ, Տէրոջը անունը կանչեց։ Տէրը անոր առջեւէն անցաւ ու աղաղակեց. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, Հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը, յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ ու որդիներուն որդիներուն վրայ, մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով»։ Մովսէս աճապարելով մինչեւ գետինը խոնարհեցաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։ Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ, թող իմ Տէրս մեզի հետ երթայ. վասն զի ասիկա խստապարանոց ազգ մըն է եւ ներէ՛ մեր անօրէնութիւնը ու մեր մեղքերը եւ մեզ քու ժառանգորդները ըրէ»։ Տէրը ըսաւ. «Ահա ես ուխտ մը կ’ընեմ։ Քու բոլոր ժողովուրդիդ առջեւ այնպիսի սքանչելիքներ պիտի ընեմ, որ բոլոր երկրի վրայ ու բոլոր ազգերու մէջ եղած չեն։ Բոլոր ժողովուրդը, որուն մէջ ես դուն, պիտի տեսնես Տէրոջը գործը, քանզի հիանալի է այն բանը, որ քեզի պիտի ընեմ։ Միտքդ պահէ ինչ որ ես քեզի կը պատուիրեմ այսօր։ Ահա պիտի վռնտեմ քու առջեւէդ Ամօրհացին ու Քանանացին եւ Քետացին ու Փերեզացին եւ Խեւացին ու Յեբուսացին։ Զգուշացիր քու անձիդ, չըլլայ թէ քու երթալու երկրիդ բնակիչներուն հետ ուխտ ընես, չըլլայ որ անիկա քու մէջդ որոգայթ ըլլայ։ Անոնց բագինները կործանեցէք ու անոնց կուռքերը փշրեցէք։ Անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք։ Վասն զի ուրիշ Աստուծոյ երկրպագութիւն պէտք չէ ընես, քանզի Եհովան Նախանձոտ կը կոչուի եւ նախանձոտ Աստուած է։ Չըլլայ որ այն երկրին բնակիչներուն հետ ուխտ ընես եւ անոնք իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին ու իրենց աստուածներուն զոհ ըրած ատեննին քեզ կանչեն ու դուն անոնց զոհէն ուտես։ Եւ չըլլայ որ անոնց աղջիկներէն քու որդիներուդ կին առնես ու անոնց աղջիկները իրենց աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրած ատեննին քու որդիներուդ ալ պոռնկութիւն ընել տան՝ իրենց աստուածներուն ետեւէն քալեցնելով ։ Քեզի ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շիներ։ Բաղարջակերաց տօնը պահէ՛. Ապիպ ամսուան որոշ ժամանակի մէջ, քեզի պատուիրածիս պէս, եօթը օր բաղարջ պիտի ուտես. վասն զի Ապիպ ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար։ Ամէն մօրը արգանդը բացողը իմս է, մոյնպէս քու անասուններուդ ամէն արու առջինեկը, թէ՛ արջառ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, իմս է ։ Բայց իշուն առջինեկը գառնուկով փրկէ՛ եւ եթէ չփրկես, այն ատեն անոր վիզը պէտք է կտրես։ Քու որդիներուդ ամէն առջինեկը փրկէ՛ ու մէ՛կը իմ առջեւս ձեռնունայն չերեւնայ։ Վեց օր պիտի գործես ու եօթներորդ օրը հանգստանաս. թէ՛ վարուցանի եւ թէ՛ հնձելու ատեն հանգստանաս։ Շաբաթներուն, այսինքն ցորենի հունձքին երախայրիներուն տօնը ու տարուան վերջը՝ արմտիքները հաւաքելու տօնը բռնէ՛։ Ձեր ամէն արու զաւակը տարին երեք անգամ Իսրայէլի Աստուծոյն, Եհովա Տէրոջը, առջեւ թող երեւնայ։ Վասն զի քու առջեւէդ ազգերը պիտի վռնտեմ եւ քու սահմաններդ պիտի ընդարձակեմ։ Տարին երեք անգամ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու ելած ատենդ մէ՛կը քու երկրիդ պիտի չցանկայ։ Իմ զոհերս խմորեալ հացով պէտք չէ նուիրես՝ ՝ ու զատկի տօնին զոհը մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։ Քու երկրիդ երախայրիներուն առաջինները քու Տէր Աստուծոյդ տունը պէտք է բերես։ Ուլը իր մօրը կաթին մէջ պէտք չէ եփես»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Գրէ՛ այս խօսքերը. վասն զի այս խօսքերուն համեմատ քեզի հետ ու Իսրայէլին հետ ուխտ ըրի»։ Մովսէս հոն կեցաւ Տէրոջը հետ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր։ Ո՛չ հաց կերաւ, ո՛չ ալ ջուր խմեց։ Տախտակներուն վրայ ուխտին խօսքերը գրեց, այսինքն տասը պատուիրանքները։ Երբ Մովսէս լեռնէն իջաւ, վկայութեան երկու տախտակները իր ձեռքն էին։ Մովսէս իր երեսին մորթին լուսափայլ ըլլալը չէր գիտեր, երբ Տէրը իրեն հետ խօսեցաւ։ Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր որդիները տեսան Մովսէսը։ Անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր, ուստի անոր մօտենալու վախցան։ Բայց Մովսէս կանչեց զանոնք։ Ահարոն ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները դարձան անոր ու Մովսէս խօսեցաւ անոնց հետ։ Անկէ ետքը Իսրայէլի բոլոր որդիները մօտեցան։ Պատմեց անոնց ամէն ինչ որ Տէրը խօսեր էր իրեն Սինա լեռը։ Մովսէս մինչեւ անոնց հետ խօսիլը լմնցնելը՝ իր երեսը քօղ դրաւ։ Բայց Մովսէս Տէրոջը առջեւ, անոր հետ խօսելու մտած ատենը, մինչեւ դուրս ելլելը քօղը կը վերցնէր, ետքը դուրս կ’ելլէր ու իրեն պատուիրուածը Իսրայէլի որդիներուն կը յայտնէր։ Իսրայէլի որդիները Մովսէսին նայեցան տեսան թէ՝ անոր երեսին մորթը լուսափայլ էր։ Մովսէս իր երեսը քողով կը ծածկէր, մինչեւ Անոր հետ խօսելու մտնելը։ Մովսէս հաւաքեց բոլոր Իսրայէլի որդիները ու ըսաւ անոնց. «Ասոնք են այն բաները, որոնք Տէրը պատուիրեց, որ ընէք։ Վեց օր գործ պիտի գործուի, բայց եօթներորդ օրը սուրբ պիտի ըլլայ ձեզի, այսինքն հանգստութեան շաբաթ Տէրոջը։ Այն օրը գործ գործողը պիտի մեռցուի։ Շաբաթ օրը ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ կրակ պիտի չվառէք»։ Մովսէս խօսեցաւ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. «Տէրոջը պատուիրած բանը այս է. ‘Ձեր մէջէն ընծայ առէ՛ք Տէրոջը։ Ով որ սրտով կը յօժարի, թող անիկա Տէրոջը ընծայ բերէ, ոսկի ու արծաթ եւ պղինձ Ու կապուտակ եւ ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան ու այծի մազ Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթեր ու թէհաշի մորթեր եւ Սատիմի փայտեր Ու լոյսի համար իւղ եւ օծման իւղի ու անուշահոտ խունկի համար համեմներ Եւ եղնգնաքարեր ու եփուտին համար եւ լանջապանակին համար գամուելու քարեր»։ «Ձեր մէջ ամէն սրտով իմաստուն եղողները թող գան ու Տէրոջը բոլոր պատուիրած բաները շինեն՝ Խորանը, անոր վրանը ու անոր ծածկոցը, անոր ճարմանդները ու անոր տախտակները, անոր նիգերը, անոր սիւները եւ անոր խարիսխները, Տապանակն ու ձողերը, քաւութիւնն ու ծածկող վարագոյրը, Սեղանն ու անոր ձողերն ու բոլոր անօթները, առաջաւորութեան հացը Եւ լոյսի աշտանակն ու անոր գործիքները եւ անոր ճրագներն ու լոյսի իւղը Եւ խունկին սեղանն ու անոր ձողերը ու օծման իւղը եւ անուշահոտ խունկը ու խորանին դրան վարագոյրը, Ողջակէզին սեղանն ու անոր պղնձէ ցանցակերպ կասկարան, անոր ձողերն ու բոլոր գործիքները, աւազանն ու անոր խարիսխը, Սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրան վարագոյրը, Խորանին ցիցերն ու սրահին ցիցերն ու անոնց չուանները, Պաշտամունքին զգեստները՝ սրբարանին մէջ պաշտամունք ընելու համար եւ Ահարոն քահանային սուրբ զգեստներն ու անոր որդիներուն զգեստները, որպէս զի քահանայութիւն ընեն»։ Եւ Իսրայէլի բոլոր որդիները Մովսէսին առջեւէն անցան։ Յօժարասիրտ եղողներն ու բոլոր հոգիով կամեցողները եկան ու վկայութեան խորանին գործին համար եւ անոր բոլոր պաշտամունքին համար ու սուրբ զգեստներուն համար Տէրոջը ընծայ բերին։ Եկան այրեր ու կիներ, որչափ որ սրտով կամեցող կային ու ճարմանդներ եւ օղեր ու մատանիներ եւ մանեակներ, ամէն տեսակ ոսկի զարդեր բերին։ Ամէն ընծայ բերող ոսկի ընծայ բերաւ Տէրոջը։ Անոնք, որոնց քով կը գտնուէր կապուտակ ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիր եւ բարակ քթան եւ այծի մազ ու կարմիր ներկուած խոյի մորթեր եւ թէհաշի մորթեր՝ բերին։ Ով որ կրնար արծաթ ու պղինձ ընծայ տալ՝ Տէրոջը ընծայ բերաւ։ Որու քով որ պաշտամունքին պիտանի Սատիմի փայտեր կը գտնուէին՝ բերաւ։ Ամէն սրտով իմաստուն եղող կիները իրենց ձեռքերովը մանեցին ու իրենց մանած կապուտակը, ծիրանեգոյնը, կրկնակի կարմիրն ու բարակ քթանը բերին։ Եւ բոլոր սրտով փափաքող եւ մանելու կարողութիւն ունեցող կիները այծի մազ մանեցին։ Իշխանները եղնգնաքարեր ու եփուտին եւ լանջապանակին համար գամուելու քարեր բերին, Նաեւ լոյսի ու օծման իւղի եւ անուշահոտ խունկի համար՝ համեմներ ու իւղ բերին։ Իսրայէլի որդիները յօժարակամ ընծայ բերին Տէրոջը։ Ամէն մարդ ու կին, որոնք յօժարութիւն ունէին բերելու, ոեւէ գործի համար, որ Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրած էր, բերին։ Մովսէս ըսաւ Իսրայէլին որդիներուն. «Ահա Տէրը Յուդայի ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլը կանչեց։ Աստուծոյ Հոգիովը՝ իմաստութիւնով, հանճարով եւ գիտութիւնով ու ամէն կերպ ճարտարութիւնով լեցուց զանիկա, Որպէս զի արուեստական գործեր հնարելով՝ ոսկիի ու արծաթի եւ պղնձի վրայ բանի Եւ գամելու համար քարեր բանելով ու փայտեր քանդակելով՝ ամէն կերպ արուեստի գործ ընէ։ Եւ անոր սրտին մէջ սորվեցնելու կարողութիւնը դրաւ։ Անորն ալ ու Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդիին Ոողիաբին ալ։ Սրտի իմաստութիւնով լեցուց զանոնք, որպէս զի ամէն տեսակ գործեր եւ հնարքներ, քանդակագործի ու արուեստի գործեր, նաեւ կապուտակի ու ծիրանեգոյնի եւ կրկնակի կարմիրի եւ բարակ քթանի վրայ նկարագործողի եւ ոստայնանկի գործը ընեն։ Այն ատեն Բեսելիէլն ու Ոողիաբը եւ ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց որ Տէրը իմաստութիւն ու հանճար տուաւ սրբարանին պաշտամունքին գործերը ընելու եղանակը գիտնալու համար, Տէրոջը բոլոր պատուիրածին պէս գործեցին։ Մովսէս կանչեց Բեսելիէլն ու Ոողիաբն ու ամէն սրտով իմաստուն եղողը, որոնց սրտին մէջ Տէրը իմաստութիւն դրաւ, այսինքն այն ամէնքը՝ որոնց սիրտը կը փափաքէր գործի մօտենալ։ Անոնք Մովսէսէն առին բոլոր ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները բերին սրբարանին պաշտամունքը անոնցմով ընելու համար։ Անոնք տակաւին կը շարունակէին ամէն առտու կամաւոր ընծաներ բերել։ Սրբարանին գործերը կատարող բոլոր իմաստուն մարդիկը՝ ամէն մէկը իր նախասիրած գործին եկաւ։ Եւ խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ժողովուրդը աւելի կը բերէ, քան՝ որչափ պէտք է Տէրոջը պատուիրած բաները շինելու համար»։ Մովսէս պատուիրեց քարոզ կարդալ բանակին մէջ. «Ալ ո՛չ մէկ մարդ, ո՛չ մէկ կին սրբարանին ընծայ թող չբերէ»։ Այսպէս ժողովուրդը ընծայ բերելէն դադարեցան։ Բերուած նիւթերը բոլոր գործը շինելու համար բաւեցին ու աւելցան ալ։ Խորանը շինողներէն բոլոր սրտով իմաստուն եղողները մանուած բարակ քթանէ ու կապուտակէ եւ ծիրանեգոյնէ ու կրկնակի կարմիրէ տասը վարագոյր շինեցին. զանոնք վարպետութեամբ՝ քերովբէներով շինեցին։ Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը քսանըութը կանգուն ու մէկ վարագոյրին լայնութիւնը չորս կանգուն էր։ Բոլոր վարագոյրներուն չափը նոյնն էր։ Հինգ վարագոյրը իրարու կցեց, միւս հինգ վարագոյրն ալ իրարու կցեց։ Կցուածքին ծայրի մէկ վարագոյրին եզերքին վրայ կապուտակէ օղակներ շինեց. միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքն ալ նոյնպէս ըրաւ։ Մէկ վարագոյրին վրայ յիսուն օղակ շինեց եւ միւս կցուածքին վրայ եղած վարագոյրին ծայրն ալ յիսուն օղակ շինեց։ Օղակները դէմ դիմաց էին։ Յիսուն հատ կարթաձեւ ոսկի ճարմանդներ շինեց ու վարագոյրները ճարմանդներով իրարու հետ կոճկեց։ Այնպէս որ խորանը միակտուր եղաւ։ Խորանին վրայի վրանին համար այծի մազէ վարագոյրներ շինեց։ Տասնըմէկ հատ վարագոյր շինեց։ Մէկ վարագոյրին երկայնութիւնը չորս կանգուն ըլլալով՝ տասնըմէկ վարագոյրին չափը նոյնն էր։ Հինգ վարագոյրները՝ զատ ու վեց վարագոյրները զատ կցեց։ Կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ ու միւս կցուածքին ծայրի վարագոյրին եզերքին վրայ յիսուն օղակ շինեց։ Յիսուն հատ կարթաձեւ պղնձէ ճարմանդներ շինեց, որպէս զի վրանը կոճկէ ու միակտուր ըլլայ։ Վրանին համար կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոց մը ու անոր վրայէն թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը շինեց։ Եւ խորանին համար Սատիմի փայտէ կանգնած տախտակներ շինեց։ Մէկ տախտակին երկայնութիւնը տասը կանգուն եւ մէկ տախտակին լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ Ամէն մէկ տախտակ իրարու յարմարող երկերկու ագուցիկ ծայր ունէր։ Խորանին բոլոր տախտակները նոյնպէս ըրաւ։ Խորանին տախտակները այսպէս շինեց՝ դէպի հարաւ՝ անոր հարաւային կողմին համար քսան տախտակ շինեց ։ Քսան տախտակներուն տակ քառասուն արծաթ խարիսխ, այսինքն մէկ տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ իր երկու ծայրը անցընելու համար երկու խարիսխ շինեց։ Խորանին միւս կողմին համար դէպի հիւսիս քսան տախտակ շինեց։ Անոնց քառասուն արծաթ խարիսխ, մէկ տախտակին տակ երկու խարիսխ ու միւս տախտակին տակ երկու խարիսխ շինեց ։ Խորանին ետեւի կողմին համար դէպի արեւմուտք վեց տախտակ շինեց։ Խորանին ետեւի կողմի անկիւններուն համար երկու տախտակ շինեց։ Անոնք վարէն կը միանային ու վերէն ալ օղակով մը կը միանային։ Երկուքին ալ երկու անկիւնները նոյնպէս ըրաւ։ Այսպէս ութ տախտակ էին։ Անոնց արծաթ խարիսխները տասնըվեց հատ էին։ Ամէն մէկ տախտակի տակ երկու խարիսխ։ Սատիմի փայտէ նիգեր շինեց։ Եւ խորանին մէկ կողմի տախտակներուն համար հինգ Ու խորանին միւս կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ եւ խորանին դէպի արեւմուտք եղած ետեւի կողմի տախտակներուն համար հինգ նիգ։ Մէջտեղի նիգը այնպէս շինեց, որ տախտակներուն մէջտեղէն մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը անցնի։ Տախտակները ոսկիով պատեց ու անոնց օղակները ոսկիէ շինեց՝ նիգերուն տեղեր ըլլալու համար։ Նիգերն ալ ոսկիով պատեց։ Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց վարագոյրը. վարպետութեամբ՝ քերովբէներով շինեց զանիկա։ Սատիմի փայտէ չորս սիւն շինեց անոր ու ոսկիով պատեց զանոնք. անոնց ճանկերը ոսկի էին։ Անոնց չորս արծաթ խարիսխ ձուլեց։ Խորանին դրանը համար կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նկարազարդ դրան վարագոյր մը շինեց։ Անոր հինգ սիւներ ու անոնց ճանկեր շինեց եւ անոնց խոյակներն ու անոնց կապերը ոսկիով պատեց։ Անոնց հինգ խարիսխները պղնձէ էին։ Եւ Բեսելիէլ Սատիմի փայտէ շինեց տապանակը. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու անոր լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն եւ անոր բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ Ներսէն ու դուրսէն զատ ոսկիով պատեց զանիկա եւ անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ Եւ անոր չորս անկիւններուն համար չորս ոսկի օղակներ ձուլեց, այսինքն անոր մէկ կողմէն երկու օղակ՝ միւս կողմէն երկու օղակ։ Սատիմի փայտէ ձողեր շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։ Եւ ձողերը տապանակին քովերը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով տապանակը վերցուի։ Եւ քաւութիւնը զուտ ոսկիէ շինեց. անոր երկայնութիւնը երկուք ու կէս կանգուն ու լայնութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ Երկու ոսկիէ քերովբէներ շինեց։ Զանոնք կռածոյ շինեց քաւութեան երկու ծայրերը։ Մէկ քերովբէն մէկ քովի ծայրը ու միւս քերովբէն միւս քովի ծայրը։ Քաւութեան երկու քերովբէները երկու ծայրերը շինեց։ Քերովբէները իրենց թեւերը վերէն տարածելով՝ իրենց թեւերովը քաւութիւնը կը ծածկէին։ Անոնց երեսները իրարու կը նայէին ։ Քերովբէներուն երեսները քաւութեան վրայ էին։ Սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ երկու կանգուն ու լայնութիւնը՝ մէկ կանգուն եւ բարձրութիւնը մէկ ու կէս կանգուն էր։ Զուտ ոսկիով պատեց զայն ու անոր բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ Անոր բոլորտիքն ալ չորս մատնաչափ սպառուած մը ու սպառուածին բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ Չորս ոսկի օղակ ձուլեց անոր համար ու օղակները անոր չորս ոտքերուն քով չորս անկիւնները դրաւ։ Օղակները սպառուածին քով՝ սեղանը վերցնելու համար ձողերուն տեղերն էին։ Սեղանը վերցնելու համար ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։ Սեղանին վրայ եղած անօթները, անոր սկուտեղներն ու խնկամանները եւ նուէր մատուցանելու գաւաթներն ու բաժակները զուտ ոսկիէ շինեց։ Աշտանակը զուտ ոսկիէ շինեց։ Կռածոյ շինեց աշտանակը։ Անոր բունը ու ճիւղերը, անոր սկահակները, գնդակներն ու ծաղիկները իրմէ էին։ Անոր կողմերէն վեց ճիւղեր կ’ելլէին։ Աշտանակին մէկ կողմէն երեք ճիւղ ու աշտանակին միւս կողմէն՝ երեք ճիւղ։ Մէկ ճիւղին վրայ նշաձեւ երեք սկահակ՝ գնդակով ու ծաղիկով։ Աշտանակէն ելած վեց ճիւղերը այսպէս էին։ Աշտանակին վրայ գնդակներով ու ծաղիկներով չորս նշաձեւ սկահակներ կային։ Անկէ ելած վեց ճիւղերուն նայելով՝ երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը ու երկու ճիւղին տակ իրմէ գնդակ մը կային։ Անոնց գնդակներն ու ճիւղերը իրմէ էին։ Բոլորը միասին զուտ ոսկիէ կռածոյ էին։ Անոր եօթը ճրագները եւ ունելիները ու անոր բազմակալները զուտ ոսկիէ շինեց։ Զանիկա իր բոլոր գործիքներովը մէկ տաղանդ զուտ ոսկիէ շինեց։ Խունկի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ կանգուն մը ու լայնութիւնը՝ կանգուն մը, քառակուսի ըլլալով։ Անոր բարձրութիւնը երկու կանգուն էր. անոր եղջիւրները իրմէ էին։ Անոր վրայ ու շրջանակին կողմերը եւ անոր եղջիւրները զուտ ոսկիով պատեց։ Բոլորտիքը ոսկի շրջանակ մը շինեց։ Անոր համար անոր շրջանակին տակէն՝ անոր երկու կողմերը երկու ոսկի օղակներ շինեց ձողերուն համար, որպէս զի անոնցմով վերցուին։ Ձողերը Սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։ Սուրբ օծման իւղը ու մաքուր անուշահոտ խունկը շինեց իւղագործի վարպետութեամբ։ Ողջակէզի սեղանը Սատիմի փայտէ շինեց։ Անոր երկայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն՝ քառակուսի էր։ Անոր բարձրութիւնը երեք կանգուն։ Անոր եղջիւրները չորս անկիւններուն վրայ շինեց։ Եղջիւրները իրմէ էին ու պղնձով պատեց զայն։ Սեղանին բոլոր գործիքները՝ այսինքն թաղարներն ու թիակները ու կոնքերը եւ մսահաններն ու կրակի ամանները՝ շինեց։ Անոր բոլոր գործիքները պղնձէ շինեց։ Սեղանին համար անոր շրջանակին տակէն՝ գրեթէ մէջտեղը՝ պղնձէ ցանցակերպ կասկարայ մը շինեց։ Պղնձէ կասկարային չորս անկիւնները չորս օղակներ ձուլեց ձողերուն համար։ Ձողերը սատիմի փայտէ շինեց ու զանոնք պղնձով պատեց։ Ձողերը սեղանին կողմը եղած օղակներուն անցուց, որպէս զի անոնցմով վերցուի։ Զանիկա տախտակներով շինեց ու մէջը դատարկ։ Պղնձէ աւազանը ու անոր պղնձէ խարիսխը վկայութեան խորանին դուռը խումբերով հաւաքուող կիներուն հայելիներէն շինեց։ Սրահը շինեց հարաւային կողմին համար։ Սրահին վարագոյրները մանուած բարակ քթանէ էին եւ հարիւր կանգուն։ Անոնց սիւները քսան ու անոնց պղնձէ խարիսխները քսան էին։ Սիւներուն ճանկերը ու անոնց կապերը արծաթէ էին։ Հիւսիսային կողմին համար վարագոյրները հարիւր կանգուն էին։ Անոնց քսան սիւները ու քսան խարիսխները պղնձէ էին։ Սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։ Արեւմտեան կողմին համար՝ վարագոյրները յիսուն կանգուն էին։ Անոնց սիւները տասը ու խարիսխները տասն էին։ Սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ էին։ Արեւելեան կողմին համար վարագոյրները յիսուն կանգուն էին։ Դրանը մէկ կողմին վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն, անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք էին։ Միւս կողմին համար ալ, այսինքն սրահին դրանը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, վարագոյրները տասնըհինգ կանգուն, անոնց սիւները երեք ու անոնց խարիսխները երեք էին։ Սրահին բոլոր վարագոյրները շուրջանակի մանուած բարակ քթանէ էին։ Սիւներուն խարիսխները պղնձէ, սիւներուն ճանկերն ու անոնց կապերը արծաթէ եւ անոնց խոյակները արծաթապատ ու սրահին բոլոր սիւներն ալ արծաթէ կապերով էին։ Սրահին դրանը վարագոյրը նկարագործ էր, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ. երկայնութիւնը՝ քսան կանգուն եւ լայնութեանը մէջի բարձրութիւնը, սրահին վարագոյրներուն համեմատ, հինգ կանգուն էր։ Անոնց սիւները չորս ու անոնց պղնձէ խարիսխները չորս էին։ Անոնց ճանկերը արծաթէ եւ անոնց խոյակները արծաթապատ ու կապերը արծաթ էին։ Խորանին ու շուրջանակի սրահին բոլոր ցիցերը պղնձէ էին։ Ասիկա է խորանին, այսինքն վկայութեան խորանին հաշիւը, որ Մովսէսին պատուիրածին պէս՝ Ղեւտացիներուն պաշտամունքին համար Ահարոն քահանային որդի Իթամարին ձեռքով հաշուըուեցաւ։ Յուդային ցեղէն Ովրի որդիին Ուրիի որդին Բեսելիէլ ըրաւ այն ամէնը, որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ Վարպետ քանդակագործը, կապուտակով ու ծիրանեգոյն եւ կրկնակի կարմիրով ու բարակ քթանով նկարագործողը, Դանի ցեղէն Աքիսամայի որդին Ոողիաբ, անոր հետ էր։ Այս շինուածքին համար գործածուած բոլոր ոսկին, այսինքն սրբարանին բոլոր շինուածքին նուիրուած ոսկին, սրբարանին սիկղին համեմատ, քսանըինը տաղանդ ու եօթը հարիւր երեսուն սիկղ էր։ Ժողովէն համրուողներուն արծաթը, սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր տաղանդ ու հազար եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ սիկղ էր։ Քսան տարեկանէն վեր համրուելու համար անցնողներէն ամէն մէկը պէգա մը, այսինքն սրբարանին սիկղին համեմատ, կէս սիկղ տուաւ, վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն մարդիկ անցան։ Սրբարանին խարիսխները ու վարագոյրին խարիսխները ձուլելու համար հարիւր տաղանդ հաշուելով՝ հարիւր տաղանդէն հարիւր խարիսխ շինուեցաւ։ Հազար եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ սիկղ արծաթով սիւներուն ճանկերը շինեց ու անոնց խոյակները պատեց եւ զանոնք կապեց։ Նուիրուած պղինձը եօթանասուն տաղանդ ու երկու հազար չորս հարիւր սիկղ էր։ Անով վկայութեան խորանին դրանը խարիսխներն ու պղնձէ սեղանը եւ անոր պղնձէ կասկարան ու սեղանին բոլոր գործիքները Եւ շուրջանակի սրահին խարիսխներն ու սրահին դրանը խարիսխները եւ խորանին բոլոր ցիցերն ու շուրջանակի սրահին բոլոր ցիցերը շինեց։ Կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ շինեցին պաշտամունքի հանդերձները, սրբարանին մէջ պաշտօն կատարելու համար։ Ահարոնին համար սուրբ զգեստներ շինեցին, Տէրոջը՝ Մովսէսին պատուիրածին պէս։ Եփուտը շինեց ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ։ Ոսկին ծեծելով բարակ թիթեղներ շինեցին եւ թելեր կտրեցին, որպէս զի կապուտակին, ծիրանեգոյնին եւ կրկնակի կարմիրին ու բարակ քթանին հետ վարպետութեամբ գործեն։ Կոճկուող վակասներ շինեցին անոր, այսինքն եփուտին, որ երկու ծայրէն կը կոճկուէր։ Եփուտին վրայ եղած ժապաւէնը նոյն նիւթէն էր. անոր գործին համեմատ, ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ էր՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։ Ոսկի խորշերու մէջ եղնգնաքարեր գամեցին ու անոնց վրայ Իսրայէլի որդիներուն անունները կնիք փորագրելու պէս՝ փորագրեցին։ Զանոնք եփուտին ուսերուն վրայ դրաւ, որպէս զի յիշատակի քարեր ըլլան Իսրայէլի որդիներուն, Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։ Եւ լանջապանակը ճարտարութեամբ եփուտին գործին պէս ոսկիէ, կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ շինեց։ Քառակուսի, երկուքի ծալլուող, լանջապանակը՝ մէկ թիզ երկայնութեամբ ու մէկ թիզ լայնութեամբ, երկուքի ծալլուող։ Անոր վրայ չորս կարգ քարեր գամեցին։ Առաջին կարգը՝ սարդիոն, տպազիոն ու զմրուխտ։ Երկրորդ կարգը՝ կարկեհան, շափիւղայ ու ադամանդ էր։ Երրորդ կարգն էր գոճազմ, ակատ ու մեղեսիկ։ Չորրորդ կարգն էր ոսկեքար, եղնգնաքար ու յասպիս։ Ասոնք ոսկի խորշերու մէջ գամուած էին։ Քարերը Իսրայէլի որդիներուն անուններուն համեմատ, անոնց անուններուն պէս, տասներկու էին։ Իւրաքանչիւրին անունը՝ տասներկու ցեղերուն համեմատ՝ կնիք փորագրողի գործով փորագրուած էր։ Լանջապանակին վրայ զուտ ոսկիէ ոլորուած հիւսուած շղթաներ շինեցին։ Երկու ոսկի խորշ ու երկու ոսկի օղակ շինեցին։ Երկու օղակները լանջապանակին երկու ծայրերը դրին։ Լանջապանակին ծայրերը եղած երկու օղակներուն անցուցին երկու ոսկիէ հիւսուած շղթաներ։ Երկու հիւսուած շղթաներուն միւս երկու ծայրերը երկու խորշերուն անցուցին ու ասոնք եփուտին ուսերուն վրայ՝ անոր առջեւի կողմը դրին։ Ուրիշ երկու ոսկի օղակներ ալ շինեցին եւ զանոնք լանջապանակին ներսի կողմէն եփուտին կցուած եզերքին երկու ծայրերը դրին։ Ուրիշ երկու օղակներ ալ շինեցին ու զանոնք եփուտին երկու ուսերուն տակէն, անոր առջեւի կողմի կցուածքին մօտ, եփուտին ժապաւէնին վրայէն անցուցին։ Լանջապանակը իր օղակներէն՝ կապուտակէ շինուած լարով եփուտին օղակներուն կապեցին, որպէս զի եփուտին ժապաւէնին վրայ ըլլայ ու լանջապանակը եփուտին վրայէն չզատուի՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։ Եփուտին պատմուճանը ոստայնանկի գործով բոլորովին կապուտակէ շինեց։ Պատմուճանին մէջտեղը զրահի ճեղքուածքին պէս ճեղքուածք մը կար ու ճեղքուածքին բոլորտիքը հիւսուած եզերք ունէր, որպէս զի չպատռի։ Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ կապուտակէ ու ծիրանեգոյնէ, կրկնակի կարմիրէ ու մանուած բարակ քթանէ նուռեր շինեցին։ Զուտ ոսկիէ զանգակներ շինեցին ու զանոնք նուռերուն մէջտեղը, պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի նուռերուն մէջ դրին։ Պատմուճանին քղանցքներուն վրայ շուրջանակի զանգակ մը ու նուռ մը կար, պաշտամունքի համար՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։ Ահարոնին ու անոր որդիներուն համար բարակ քթանէ ոստայնանկի գործ՝ շապիկներ շինեցին։ Եւ խոյրը բարակ քթանէ ու հանդէսի ապարօշները բարակ քթանէ ու կտաւեղէն անդրավարտիքները մանուած բարակ քթանէ Եւ գօտին մանուած բարակ քթանէ, կապուտակէ, ծիրանեգոյնէ եւ կրկնակի կարմիրէ նկարագործ շինեցին ՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։ Սուրբ պսակին թիթեղը զուտ ոսկիէ շինեցին ու անոր վրայ կնիք փորագրելու պէս՝ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ գրեցին։ Անոր կապուտակ ժապաւէն մը անցուցին, որպէս զի վերէն խոյրին վրայ դրուի՝ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս։ Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, բոլոր գործը լմնցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այնպէս ըրին։ Խորանը Մովսէսին բերին՝ վրանը ու անոր բոլոր գործիքները, անոր ճարմանդները, անոր տախտակները, անոր նիգերը եւ անոր սիւներն ու խարիսխները Եւ կարմիր ներկուած խոյի մորթերէ ծածկոցն ու թէհաշի մորթերէ եղած ծածկոցը եւ ծածկող վարագոյրը, Վկայութեան տապանակն ու անոր ձողերը եւ քաւութիւնը, Սեղանն ու անոր բոլոր անօթները եւ առաջաւորութեան հացը, Զուտ ոսկիէ աշտանակը իր ճրագներովը, այսինքն կարգաւ դրուած ճրագներովն ու իր բոլոր գործիքներովը եւ լոյսի իւղը Եւ ոսկի սեղանն ու օծման իւղը եւ անուշահոտ խունկն ու խորանին դրանը վարագոյրը, Պղնձէ սեղանն ու անոր կասկարան, անոր ձողերը եւ անոր բոլոր գործիքները, աւազանն ու անոր խարիսխը, Սրահին վարագոյրները, անոր սիւներն ու խարիսխները եւ սրահին դրանը վարագոյրը, անոր չուաններն ու ցիցերը եւ խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, պաշտամունքին համար եղած բոլոր կարասիները, Սրբարանին մէջ պաշտամունքի համար՝ հանդերձներն ու Ահարոն քահանային սուրբ զգեստները եւ անոր որդիներուն զգեստները, որպէս զի քահանայութիւն ընեն։ Այն ամենուն պէս, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այսպէս լրացուցին Իսրայէլի որդիները բոլոր գործը։ Մովսէս բոլոր շինուածքին նայեցաւ եւ ահա Տէրոջը պատուիրածին պէս շինած էին։ Մովսէս օրհնեց զանոնք։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Առաջին ամսուան առաջին օրը կանգնեցուր խորանը, այսինքն վկայութեան վրանը Եւ անոր մէջ դի՛ր վկայութեան տապանակը ու վարագոյրով ծածկէ՛ զայն։ Սեղանը ներս բե՛ր ու անոր վրայ շարուելու հացերը շարէ՛ եւ աշտանակը ներս բե՛ր ու անոր ճրագները վառէ՛։ Վկայութեան տապանակին առջեւ դի՛ր խունկին ոսկի սեղանը ու խորանին վարագոյրը դի՛ր։ Խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին դրանը առջեւ ողջակէզի սեղանը դի՛ր։ Վկայութեան վրանին ու սեղանին մէջտեղ դի՛ր աւազանը ու անոր մէջ ջուր դի՛ր։ Շուրջանակի սրահը կանգնեցո՛ւր ու սրահին դրանը վարագոյրը դի՛ր։ Օծման իւղը ա՛ռ ու խորանը եւ անոր մէջ եղած ամէն բաները օծէ՛ եւ զանիկա ու անոր ամէն անօթները սրբէ՛, որպէս զի սուրբ ըլլան։ Ողջակէզի սեղանը ու անոր բոլոր գործիքները օծէ՛, ու սեղանը՝ սրբէ՛ եւ սեղանը ամենասուրբ թող ըլլայ։ Աւազանը ու անոր խարիսխը օծէ՛ ու սրբէ՛ զանիկա։ Ահարոնը ու անոր որդիները վկայութեան խորանին դրանը մօտեցո՛ւր ու զանոնք ջրով լուա՛։ Ահարոնին հագցո՛ւր սուրբ զգեստները ու օծէ՛ զանիկա եւ սրբէ՛ զանիկա, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընէ։ Անոր որդիներն ալ մօտեցո՛ւր ու անոնց շապիկներ հագցո՛ւր։ Անոնց հայրը օծածիդ պէս օծէ՛ զանոնք, որպէս զի ինծի քահանայութիւն ընեն։ Անոնց օծումը իրենց ազգերուն մէջ յաւիտենական քահանայութեան համար թող ըլլայ»։ Մովսէս Տէրոջը իրեն բոլոր պատուիրածին պէս ըրաւ՝ այնպէս ըրաւ։ Երկրորդ տարին, առաջին ամսուան առաջին օրը, խորանը կանգնուեցաւ։ Մովսէս կանգնեցուց խորանը ու անոր խարիսխները դրաւ եւ անոր տախտակները կանգնեցուց ու անոր նիգերը անցուց ու սիւները կանգնեցուց։ Խորանին վրայ տարածեց վրանը ու վերէն վրանին ծածկոցը անոր վրայ դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Վկայութիւնը առաւ ու տապանակին մէջ դրաւ եւ ձողերը տապանակին վրայ անցուց ու վերէն տապանակին վրայ քաւութիւնը դրաւ։ Տապանակը խորանին մէջ բերաւ ու ծածկող վարագոյրը դրաւ եւ վկայութեան տապանակը ծածկեց՝ ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Վկայութեան վրանին մէջ, խորանին հիւսիսային կողմը, վարագոյրին դուրսիդին դրաւ սեղանը։ Անոր վրայ հացերը շարեց Տէրոջը առջեւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Վկայութեան վրանին մէջ, սեղանին դէմ, խորանին հարաւային կողմը դրաւ աշտանակը։ Տէրոջը առջեւ ճրագները վառեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Վկայութեան վրանին մէջ վարագոյրին առջեւ դրաւ ոսկի սեղանը Եւ անոր վրայ անուշահոտ խունկ ծխեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Խորանին դրանը վարագոյրը դրաւ։ Եւ խորանին, այսինքն վկայութեան վրանին, դրանը քով ողջակէզին սեղանը դրաւ ու անոր վրայ ողջակէզը ու հացի ընծան մատուցանեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Վկայութեան վրանին ու սեղանին մէջտեղ դրաւ աւազանը եւ անոր մէջ լուացուելու համար ջուր դրաւ։ Մովսէս ու Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերն ու ոտքերը անկէ կը լուային։ Վկայութեան վրանը մտած ատեննին եւ սեղանին մօտենալու ատեննին կը լուացուէին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Խորանին ու սեղանին բոլորտիքը սրահը կանգնեցուց եւ սրահին դրանը վարագոյրը դրաւ։ Այսպէս Մովսէս բոլոր գործը լմնցուց։ Ամպ մը ծածկեց վկայութեան վրանը եւ Տէրոջը փառքը լեցուց խորանը։ Մովսէս չէր կրնար մտնել վկայութեան վրանը վասն զի ամպը անոր վրայ կը կենար ու Տէրոջը փառքը լեցուցեր էր խորանը։ Իսրայէլի որդիները իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ՝ երբ ամպը խորանին վրայէն վերնար, այն ատեն կը չուէին։ Եթէ ամպը չվերնար, մինչեւ անոր վերնալու օրը չէին չուեր։ Քանզի ցորեկը Տէրոջը ամպը խորանին վրայ էր եւ գիշերը անոր վրայ կրակ կար, Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին առջեւ՝ իրենց բոլոր ճամբորդութիւններուն մէջ։ Տէրը կանչեց Մովսէսը վկայութեան խորանէն անոր ըսաւ. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց՝ ‘Եթէ ձեզմէ մէկը անասուններէն ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ձեր ընծան արջառներէն կամ հօտերէն մատուցանեցէք’։ «Եթէ անոր ընծան արջառներէն ողջակէզ է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ ու վկայութեան խորանին դրանը քով թող մատուցանէ զայն, Տէրոջը առջեւ ընդունելի ըլլալու համար։ Իր ձեռքը ողջակէզին գլխուն վրայ թող դնէ՛, որպէս զի այն իրեն քաւութիւն ըլլալու համար ընդունելի ըլլայ։ Զուարակը թող մորթէ Տէրոջը առջեւ ու Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ արիւն թող մատուցանեն եւ վկայութեան խորանին դրանը քով եղած սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեն արիւնը։ Ողջակէզին մորթը թող հանէ՛ ու կտոր կտոր ընէ՛ ողջակէզը ։ Ահարոն քահանային որդիները սեղանին վրայ կրակ թող դնեն ու կրակին վրայ փայտեր շարեն։ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանը եղած կրակին վրայ փայտերուն վրայի պէտք է շարեն կտորները, գլուխը ու ճարպը. Բայց անոր փորոտիքն ու ոտքերը ջրով պէտք է լուայ եւ քահանան բոլորը պէտք է այրէ սեղանին վրայ, ողջակէզ ու Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ընելու համար։ Եթէ անոր ողջակէզի ընծան հօտերէն, այսինքն ոչխարներէն կամ այծերէն է, արու անարատ պէտք է մատուցանէ։ Պիտի մորթէ զանիկա Տէրոջը առջեւ՝ սեղանին հիւսիսային կողմը։ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանին վրայ շուրջանակի թող սրսկեն անոր արիւնը։ Կտոր կտոր ընէ զայն գլխովը ու ճարպովը եւ քահանան սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ շարէ զանոնք։ Փորոտիքը ու ոտքերը ջրով լուայ։ Քահանան բոլորը թող բերէ ու սեղանին վրայ այրէ։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջը։ Եւ եթէ ողջակէզի համար Տէրոջը մատուցանուելիք ընծան թռչուններէն է, այն ատեն անիկա իր ընծան տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն թող մատուցանէ։ Եւ քահանան սեղանին մօտ բերէ զայն ու անոր գլուխը փրցնէ եւ սեղանին վրայ այրէ ու անոր արիւնը սեղանին մէկ քովը քամուի։ Եւ անոր կտնառքը ու աղբը թող զատէ եւ սեղանին արեւելեան կողմը եղած մոխրանոցը նետէ։ Եւ զանիկա թեւերէն պատռէ առանց զատելու ու քահանան այրէ զանիկա սեղանին վրայ, կրակին վրայի փայտերուն վրայ։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ է Տէրոջը։ «Երբ մէկը հացի ընծայ մատուցանելու ըլլայ Տէրոջը, ընծան բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ ու անոր վրայ իւղ պէտք է թափէ եւ կնդրուկ դնէ վրան։ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ թող բերէ զայն ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր բարակ ալիւրէն ու իւղէն առնէ բոլոր կնդրուկին հետ մէկտեղ եւ քահանան յիշատակի համար սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ Եւ հացի ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա ամենասուրբ պատարագն է Տէրոջը։ Եւ եթէ թոնիրին մէջ եփած հացի ընծայ մատուցանելու ըլլաս, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր կամ իւղով օծուած անխմոր լաւաշներ պէտք է ըլլայ։ Եւ եթէ ընծադ տապակի վրայ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած անխմոր պէտք է ըլլայ։ Կտոր կտոր կտրտէ՛ զայն ու վրան իւղ թափէ՛։ Ասիկա հացի ընծայ է։ Եւ եթէ քու ընծադ սանի մէջ եփուած հացի ընծայ է, բարակ ալիւրէ իւղով պէտք է շինուի։ Ասոնցմէ շինուած հացի ընծան Տէրոջը պէտք է տանիս ու քահանային ներկայացնես եւ ինք սեղանին մօտեցնէ զայն։ Եւ քահանան ընծայէն յիշատակի մասը թող առնէ ու սեղանին վրայ այրէ՝ Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։ Եւ ընծայէն մնացածը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Ասիկա սուրբ պատարագն է Տէրոջը։ Հացի ընծան, որ դուք Տէրոջը պիտի մատուցանէք, բնաւ խմորեալ պէտք չէ ըլլայ. վասն զի պատարագի համար ամենեւին խմոր կամ մեղր պէտք չէ այրէք Տէրոջը։ Ասոնք իբրեւ երախայրի պտուղի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը. բայց սեղանին վրայ թող չայրուին անուշահոտութեան համար։ Եւ քու ամէն հացի ընծայիդ աղ պէտք է դնես ու քու հացի ընծայէդ քու Աստուծոյդ ուխտին աղը պակաս պէտք չէ ընէս։ Քու ամէն ընծաներուդ աղ ալ մատուցանէ։ Եւ եթէ առաջին պտուղներուն ընծան մատուցանելու ըլլաս Տէրոջը, առաջին պտուղներուն ընծային համար՝ կրակով բոհրած թարմ հասկերէն ծեծուած ցորեն մատուցանէ՛։ Եւ անոր վրայ իւղ թափէ՛ ու կնդրուկ դի՛ր։ Ասիկա հացի ընծայ է։ Քահանան անոր ծեծուած ցորենէն ու անոր իւղէն, անոր բոլոր կնդրուկովը անոր յիշատակի մասը թող այրէ՛, Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։ «Եթէ մէկուն ընծան խաղաղութեան զոհ է, երբ առջառներէն մատուցանէ, արու ըլլայ կամ էգ, Տէրոջը առջեւ անարատ պէտք է ըլլայ։ Եւ իր ձեռքը իր ընծայած անասունին գլխուն վրայ թող դնէ ու վկայութեան խորանին դուռը մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ սեղանին շուրջը թող սրսկեն արիւնը։ Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու երկու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը։ Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պէտք է փրցնէ Եւ Ահարոնին որդիները սեղանը եղած կրակին վրայի փայտերուն վրայ ողջակէզին հետ թող այրեն ասոնք, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ Եւ եթէ խաղաղութեան զոհին համար Տէրոջը մատուցանելու ընծան հօտերէն է, արու ըլլայ կամ էգ, անարատ պէտք է ըլլայ։ Եթէ անիկա իր ընծային համար գառ մատուցանէ, Տէրոջը առջեւ թող բերէ զայն Եւ ձեռքը իր ընծային գլխուն վրայ դնէ ու վկայութեան խորանին առջեւ մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները սեղանին շուրջը թող սրսկեն անոր արիւնը։ Եւ խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն անոր ճարպը ու բոլոր դմակը տակէն փրցնելով եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ թող փրցնէ։ Եւ քահանան սեղանին վրայ այրէ ասոնք Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։ Եւ եթէ անոր ընծան այծ է, Տէրոջը առջեւ թող բերէ զայն։ Եւ իր ձեռքը անոր գլխուն վրայ դնէ ու վկայութեան խորանին առջեւ մորթէ զայն եւ Ահարոնին որդիները շուրջը թող սրսկեն անոր արիւնը։ Եւ անիկա իր ընծայէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ թող փրցնէ։ Եւ քահանան սեղանին վրայ թող այրէ զանոնք, անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ Բոլոր ճարպը Տէրոջն է։ Ձեր ազգերուն բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, որ ո՛չ ճարպ ուտէք, ո՛չ ալ արիւն»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ, Եթէ օծուած քահանան ժողովուրդը յանցաւոր ընելու մեղք մը գործելու ըլլայ, իր գործած մեղքին համար արջառներէն անարատ զուարակ մը, իբր մեղքի պատարագ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը Եւ վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը առջեւ թող բերէ զուարակը ու իր ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ դնէ եւ Տէրոջը առջեւ մորթէ զուարակը։ Օծուած քահանան զուարակին արիւնէն թող առնէ ու վկայութեան խորանը բերէ։ Եւ քահանան իր մատը արիւնը թաթխէ ու Տէրոջը առջեւ, սրբարանին վարագոյրին առջեւ եօթը անգամ սրսկէ արիւնէն։ Եւ քահանան արիւնէն քիչ մը թող դնէ Տէրոջը առջեւ անուշահոտ խունկի սեղանին եղջիւրներուն վրայ որ վկայութեան խորանին մէջ է ու զուարակին մնացած բոլոր արիւնը վկայութեան խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թող թափէ։ Մեղքի պատարագ եղած զուարակին բոլոր ճարպը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը անկէ վերցնէ Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը իր երիկամունքներովը մէկտեղ փրցնէ, Խաղաղութեան զոհին արջառէն փրցուելուն պէս եւ քահանան ողջակէզի սեղանին վրայ թող այրէ զանոնք։ Եւ զուարակին մորթը ու անոր բոլոր միսը գլխովն ու ոտքերովը եւ անոր փորոտիքն ու աղբը, Այսինքն բոլոր զուարակը, բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը, մոխիր թափուած տեղը հանէ եւ փայտերու վրայ կրակով այրէ զայն։ Մոխիր թափուած տեղը թող այրուի։ Եւ եթէ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը անգիտութեամբ սխալին՝ ՝ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլան, Երբ իմացուի այն ըրած մեղքերնին, ժողովուրդը մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը թող մատուցանէ ու վկայութեան խորանին առջեւ բերէ զանիկա։ Ժողովուրդին ծերերը Տէրոջը առջեւ իրենց ձեռքերը զուարակին գլխուն վրայ թող դնեն ու զուարակը թող մորթուի։ Եւ օծուած քահանան զուարակին արիւնէն վկայութեան խորանը բերէ։ Եւ քահանան իր մատը արիւնը թաթխէ ու Տէրոջը առջեւի վարագոյրին առջեւ եօթը անգամ սրսկէ։ Եւ արիւնէն քիչ մը վկայութեան խորանին մէջ Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ ու մնացած բոլոր արիւնը վկայութեան խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։ Անոր բոլոր ճարպը թող վերցնէ անկէ ու սեղանին վրայ այրէ։ Եւ մեղքի պատարագ եղած զուարակին ինչպէս որ ըրաւ, այս զուարակին ալ այնպէս թող ընէ ու քահանան անոնց համար քաւութիւն ընէ, որ անոնց թողութիւն ըլլայ։ Եւ բանակէն դուրս թող հանէ զուարակը ու ինչպէս առաջին զուարակը այրեց, աս ալ այնպէս թող այրէ. ժողովուրդին համար մեղքի պատարագն է այս։ Երբ իշխան մը մեղք գործելու ըլլայ ու իր Տէր Աստուծոյն արգիլած բաներէն մէկը սխալմամբ ընելով յանցաւոր ըլլայ, եթէ իր ըրած մեղքը իրեն իմացուի, իրեն համար այծերէն արու անարատ նոխազ մը իբր ընծայ թող բերէ Եւ իր ձեռքը նոխազին գլխուն վրայ դնէ ու զանիկա Տէրոջը առջեւ ողջակէզին մորթուելու տեղը մորթէ։ Մեղքի պատարագ է այս։ Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն իր մատովը թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ անոր մնացած արիւնը ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։ Եւ անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպին պէս սեղանին վրայ թող այրէ ու քահանան անոր մեղքին համար քաւութիւն ընէ, թողութիւն ըլլայ անոր։ Եւ եթէ երկրին ժողովուրդէն մէկը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլայ Եւ եթէ իր ըրած մեղքը իրեն իմացուի, իր ըրած մեղքին համար իբր ընծայ այծերէն անարատ էգ այծ մը թող բերէ։ Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու մեղքի պատարագ եղած անասունը ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մորթէ։ Եւ քահանան իր մատովը անոր արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ։ Անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպը փրցուելուն պէս թող փրցնէ ու քահանան այրէ զանիկա սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար Տէրոջը առջեւ եւ քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ, որ անոր թողութիւն ըլլայ։ Եւ եթէ մեղքի պատարագի համար գառ մատուցանելու ըլլայ, անարատ էգ մը թող բերէ Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մեղքի պատարագի համար մորթէ զայն։ Եւ քահանան իր մատովը մեղքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ։ Եւ խաղաղութեան զոհէն գառին ճարպը փրցուելուն պէս՝ ասոր բոլոր ճարպը թող փրցնէ ու քահանան սեղանին վրայ այրէ զայն՝ Տէրոջը պատարագներուն հետ եւ քահանան անոր ըրած մեղքին համար քաւութիւն ընէ, որ թողութիւն ըլլայ անոր։ Եթէ մէկը հանրային դատարան կոչուի վկայութիւն տալու բանի մը համար որ տեսած ըլլայ կամ իմացած եւ չյայտնէ իր գիտցածը, կը մեղանչէ եւ իր յանցանքը պիտի կրէ։ Կամ անձ մը անմաքուր բանի մը կամ անմաքուր գազանի մը դիակին կամ անմաքուր անասունի մը դիակին կամ անմաքուր սողունի մը դիակին դպչելու ըլլայ, թէպէտեւ չգիտնալով, անիկա անմաքուր ու յանցաւոր պէտք է սեպուի ։ Կամ մարդու անմաքրութեան, որեւիցէ անմաքրութեան, որ կրնայ պղծել մէկը, չգիտնալով դպչելու ըլլայ, երբ գիտնայ, այն ատեն յանցաւոր պիտի ըլլայ։ Կամ անձ մը չարիք կամ բարիք ընելու համար բերնովը անխորհրդաբար երդում ընելու ըլլայ, (ինչպէս մարդիկ երդումով անխորհրդաբար կը խօսին,) եթէ չգիտնալով ըլլայ, ինք զայն գիտցած ատեն ասոնց մէկուն մէջ յանցաւոր պիտի սեպուի։ Եւ եթէ այս բաներէն մէկուն մէջ յանցաւոր ըլլայ, անոր համար իր մեղք գործելը խոստովանի Եւ իր ըրած մեղքին համար իր յանցանքին պատարագը, հօտերէն էգ մը, այսինքն էգ գառնուկ մը, կամ այծերէն էգ ուլ մը, մեղքի պատարագի համար թող բերէ Տէրոջը ու քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր՝ իր մեղքին համար։ Եթէ ոչխար կամ այծ բերելու կարող չըլլայ, իր ըրած յանցանքին համար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող բերէ Տէրոջը, մէկը՝ մեղքի պատարագ եւ միւսը ողջակէզ ըլլալու համար։ Քահանային պէտք է բերէ զանոնք ու անիկա նախ պիտի մատուցանէ մէկը, որ մեղքի պատարագ է եւ անոր գլուխը իր վիզէն չզատելով փրցնէ Եւ մեղքի պատարագին արիւնէն սեղանին մէկ քովը թող սրսկէ ու մնացած արիւնը սեղանին յատակը թող քամուի. ասիկա մեղքի պատարագ է, Իսկ միւսը՝ օրէնքին համաձայն թող ողջակիզէ ու քահանան անոր քաւութիւն ընէ անոր ըրած մեղքին համար եւ անոր թողութիւն ըլլայ։ Իսկ եթէ երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ բերելու ալ կարող չըլլայ, այն ատեն մեղք գործողը իր ընծային համար արդուի մը մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւր թող բերէ մեղքի պատարագի համար. անոր վրայ իւղ թող չդնէ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ. վասն զի մեղքի պատարագ է այն։ Եւ քահանային թող բերէ զայն ու քահանան անկէ իր ձեռքը լեցուն անոր յիշատակին համար առնէ ու սեղանին վրայ այրէ Տէրոջը պատարագներուն հետ։ Մեղքի պատարագ է այն։ Եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր՝ իր ըրած մեղքին համար ու անոր թողութիւն ըլլայ եւ մնացածը հացի ընծայի պէս քահանային պէտք է ըլլայ»։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Եթէ մէկը յանցանք մը գործէ ու սխալմամբ Տէրոջը սուրբ բաներուն դէմ մեղք գործէ, իր յանցանքի պատարագին համար հօտերէն անարատ խոյ մը՝ թող քու որոշած արժէքին չափ արծաթի սիկղ բերէ։ Եւ սուրբ բաներուն մէջ իր ըրած վնասը թող հատուցանէ ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մըն ալ աւելցնէ եւ քահանային տայ զայն։ Ու քահանան յանցանքի պատարագի խոյովը քաւութիւն ընէ անոր եւ թողութիւն ըլլայ անոր։ Եւ եթէ անձ մը մեղանչէ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ, թէեւ անգիտութեամբ, անիկա յանցաւոր է ու իր անօրէնութիւնը պէտք է կրէ։ Եւ քու որոշած արժէքիդ չափ յանցանքի պատարագի համար հօտերէն անարատ խոյ մը թող բերէ քահանային ու քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ՝ անոր անգիտութեամբ սխալելուն համար եւ անոր թողութիւն ըլլայ։ Ասիկա յանցանքի պատարագ է։ Անիկա անշուշտ յանցաւոր եղած է Տէրոջը առջեւ»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Եթէ անձ մը մեղանչէ ու Տէրոջը դէմ յանցանք մը գործէ եւ իր դրացիին սուտ խօսի աւանդի մը համար, կամ իր ձեռքը յանձնուած բանի մը համար եւ կամ յափշտակուած բանի մը համար, կամ իր դրացիին խարդախութիւն ընելու ըլլայ, Կամ կորսուած բան մը գտնէ եւ ուրանալով սուտ տեղ երդում ընէ, բոլոր այս բաներէն ոեւէ մէկը, որ մարդ կրնայ ընել կամ մեղանչելու ըլլայ, Այն ատեն մեղք գործելուն ու յանցաւոր ըլլալուն համար, բռնութեամբ յափշտակուած բանը, կամ խարդախութեամբ առած բանը, կամ իրեն յանձնուած աւանդը, կամ գտած կորուստը ետ պէտք է տայ. Կամ այն ամէն բան որուն համար սուտ տեղ երդում ըրած է, անիկա լման պէտք է հատուցանէ ու անոր վրայ հինգերորդ մաս մը աւելցնէ եւ իր յանցանքին պատարագին օրը, որու որ կը վերաբերէր, անոր պէտք է տայ։ Եւ իր յանցանքին պատարագը Տէրոջը բերէ, այսինքն հօտերէն անարատ խոյ մը, քու որոշած արժէքին համեմատ, թող բերէ յանցանքի պատարագին համար։ Եւ քահանան անոր համար քաւութիւն թող ընէ Տէրոջը առջեւ եւ ինչ բանի համար որ յանցանք ըրած է, թողութիւն ըլլայ անոր»։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Պատուիրէ Ահարոնին որդիներուն ու ըսէ. Ողջակէզին օրէնքը այս է՝ ողջակէզը բոլոր գիշերը մինչեւ առտու սեղանը եղած կրակին վրայ թող մնայ ու սեղանին կրակը միշտ անոր մէջ վառուած թող մնայ։ Եւ քահանան իր քթանէ պատմուճանը թող հագնի եւ կրակով այրուած ողջակէզին մոխիրը սեղանին վրայէն վերցնէ ու սեղանին քով դնէ։ Եւ իր զգեստները հանէ եւ ուրիշ զգեստներ հագնի ու մոխիրը բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը հանէ։ Եւ սեղանին վրայի կրակը անոր մէջ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի եւ քահանան ամէն առտու անոր վրայ փայտեր այրէ ու անոր վրայ ողջակէզը շարէ եւ անոր վրայ խաղաղութեան զոհերուն ճարպը այրէ։ Կրակը սեղանին վրայ միշտ վառուած պէտք է ըլլայ ու չմարի։ Հացի ընծային օրէնքը այս է.Ահարոնին որդիները պիտի մատուցանեն զանիկա Տէրոջը սեղանին առջեւ։ Եւ իր ձեռքը թող լեցնէ անկէ, այսինքն հացի ընծային բարակ ալիւրէն ու անոր իւղէն եւ հացի ընծային վրայ եղած բոլոր կնդրուկէն վերցնէ եւ անոր յիշատակի մասը սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը։ Եւ անկէ մնացածը Ահարոն ու իր որդիները պիտի ուտեն։ Անխմոր հացեր շինուելով ՝ սուրբ տեղը պիտի ուտուի ան. վկայութեան խորանին սրահին մէջ ուտեն զայն։ Խմորով պիտի չեփուի. իմ պատարագներէս անոնց տուի զայն իրենց բաժին ըլլալու. այս մեղքի ու յանցանքի պատարագներու պէս ամենասուրբ է։ Ահարոնին որդիներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զայն. Տէրոջը պատարագներէն ձեր ազգերուն մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ այս, ամէն անոնց դպչողը սուրբ ըլլայ»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ահարոնին ու անոր որդիներուն օծուելու օրը Տէրոջը մատուցուելիք զոհերնին այս է՝ արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւր ամէն օրուան հացի ընծայի համար պէտք է մատուցանուի, կէսը առաւօտուն ու կէսը իրիկունը։ Տապակի մէջ եփելու համար իւղով պէտք է շինուի. լաւ խառնուած պիտի բերես զայն եւ հացի ընծային եփած կտորուանքը անոյշ հոտի համար Տէրոջը պիտի մատուցանես։ Եւ իր որդիներէն իր տեղը օծուելու քահանան պիտի մատուցանէ զայն. ասիկա Տէրոջը յաւիտենական կանոն ըլլալով՝ բոլորովին պիտի այրուի։ Եւ քահանային բոլոր հացի ընծան բոլորովին պիտի այրուի. պիտի չուտուի»։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ ըսէ՛. Մեղքի պատարագին օրէնքը այս է՝ Ողջակէզին մորթուած տեղը պէտք է մորթուի մեղքին պատարագը՝ Տէրոջը առջեւ։ Այս ամենասուրբ է։ Մեղքի պատարագը մատուցանող քահանան պիտի ուտէ զայն. սուրբ տեղը, վկայութեան խորանին սրահը պէտք է ուտուի. Ինչ որ անր միսին դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ եւ եթէ անոր արիւնէն հանդերձի մը վրայ ցատկէ, սուրբ տեղը պիտի լուաս զայն՝ որուն վրայ ցատկեր էր։ Եւ հողէ ամանը, որուն մէջ եռացուած է այս միսը, պիտի կտրուի ու եթէ պղնձէ ամանի մէջ եռացուած ըլլայ, պէտք է շփուի ու ջրով լուացուի։ Քահանաներուն բոլոր արուները պիտի ուտեն զանիկա։ Այս ամենասուրբ է։ Եւ ամէն մեղքի պատարագ, որուն արիւնէն վկայութեան խորանը կը բերուի սուրբ տեղին մէջ քաւութիւն ընելու համար, պէտք չէ ուտուի, այլ՝ կրակով այրուի»։ «Յանցանքի պատարագին օրէնքը այս է, որ ամենասուրբ է. Ողջակէզը մորթած տեղերնին յանցանքի պատարագը պէտք է մորթեն եւ անոր արիւնը սեղանին շուրջը պէտք է սրսկէ։ Եւ անկէ բոլոր ճարպը, այսինքն դմակն ու փորոտիքը ծածկող ճարպը պէտք է մատուցանէ Եւ երկու երիկամունքն ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը երիկամունքներով մէկտեղ պէտք է փրցնէ Եւ քահանան սեղանին վրայ թող այրէ ասոնք՝ Տէրոջը պատարագ ըլլալու համար։ Ասիկա յանցանքի պատարագ է։ Քահանաներէն ամէն արու պէտք է ուտէ զայն. սուրբ տեղը պիտի ուտուի, քանզի ամենասուրբ է։ Մեղքի պատարագը ինչպէս որ կ’ըլլայ, յանցանքի պատարագն ալ այնպէս պէտք է ըլլայ։ Անոնց օրէնքը մէկ է։ Ան քաւութիւն ընող քահանային պիտի ըլլայ։ Եւ քահանայ մը, որ մէկուն ողջակէզ կը մատուցանէ, այդ քահանան իր մատուցանած ողջակէզին մորթը իրեն պէտք է առնէ։ Եւ թոնիրի մէջ եփուած ու սանի մէջ եւ տապակի վրայ շինուած բոլոր հացի ընծան, զանիկա մատուցանող քահանային պէտք է ըլլայ։ Ամէն իւղով շաղուած կամ առանց իւղի՝ ՝ հացի ընծան Ահարոնին բոլոր որդիներուն պէտք է ըլլայ։ Բոլորին բաժինը հաւասար ըլլալու է։ Տէրոջը մատուցանուելիք խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է՝ Եթէ շնորհակալութեան համար պիտի մատուցանէ զայն, այն ատեն շնորհակալութեան զոհին հետ իւղով շաղուած անխմոր շօթեր ու իւղով օծուած անխմոր լավաշներ եւ բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած խառնուած շօթեր պէտք է մատուցանէ։ Շնորհակալութեան համար եղած իր խաղաղութեան զոհին շօթերէն զատ՝ խմորեալ հացէ ընծայ մը պէտք է մատուցանէ։ Եւ անկէ, այսինքն բոլոր ընծաներէն, մէկ հատ բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը։ Ասիկա խաղաղութեան զոհին արիւնը սրսկող քահանային պիտի ըլլայ։ Եւ շնորհակալութեան համար՝ իր խաղաղութեան զոհին միսը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի. անկէ մինչեւ առտու պէտք չէ մնայ։ Եւ եթէ իր ընծան ուխտի համար է կամ կամաւոր զոհ է, զոհը մատուցուած օրը պէտք է ուտուի ու մնացածը հետեւեալ օրը պէտք է ուտուի։ Զոհին միսէն երրորդ օրուան մնացածը կրակով թող այրուի։ Եթէ երրորդ օրը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտուելու ըլլայ, ընդունելի պիտի չըլլայ։ Անիկա մատուցանողին զոհ պիտի չսեպուի, պղծութիւն պիտի ըլլայ ու անկէ ուտող անձը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ։ Ոեւէ տեսակ անմաքուր բանի դպած միս պէտք չէ ուտուի, կրակով պէտք է այրուի. սակայն ամէն մաքուր եղողը կրնայ ուտել խաղաղութեան զոհին միսէն։ Բայց այն անձը, որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով, Տէրոջը խաղաղութեան զոհէն միս ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։ Ոեւէ տեսակ անմաքուր բանի մը թէ՛ մարդու անմաքրութեան, թէ՛ անմաքուր անասունի եւ թէ՛ ամէն կերպ անմաքուր պիղծ բանի՝ ՝ մը դպչող անձը եթէ Տէրոջը խաղաղութեան զոհին միսէն ուտելու ըլլայ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Բնաւ արջառի կամ ոչխարի կամ այծի ճարպ մի՛ ուտէք։ Եւ մեռած անասունին ճարպը ամէն գործի մէջ կրնայ գործածուիլ, բայց անկէ բնաւ մի՛ ուտէք։ Քանզի ով որ Տէրոջը պատարագ մատուցուելու անասունին ճարպէն ուտելու ըլլայ, այն ուտող անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։ Ձեր բնակարաններուն մէջ բնաւ արիւն մի՛ ուտէք, թռչունի ըլլայ թէ անասունի։ Ով որ ոեւէ արիւն ուտէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Իր խաղաղութեան զոհը Տէրոջը մատուցանողը իր խաղաղութեան զոհէն պէտք է ընծայէ Տէրոջը։ Տէրոջը պատարագները իր ձեռքովը պէտք է բերէ։ Երբուծով ճարպ պէտք է բերէ, որպէս զի երբուծը երերցնելու ընծայի համար երերցուի Տէրոջը առջեւ։ Քահանան ճարպը թող այրէ սեղանին վրայ. բայց երբուծը Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է ըլլայ։ Ձեր խաղաղութեան զոհերէն աջ զիստը քահանային պէտք է տաք՝ բարձրացնելու ընծայի համար։ Ահարոնի որդիներէն՝ խաղաղութեան զոհին արիւնը ու ճարպը ո՛վ որ մատուցանէ, աջ զիստը իրեն բաժինը պիտի ըլլայ։ Քանզի անոնց խաղաղութեան զոհերէն երերցնելու երբուծը եւ բարձրացնելու զիստը Իսրայէլի որդիներէն առի եւ զանոնք յաւիտենական կանոնով Իսրայէլի որդիներէն Ահարոն քահանային ու անոր որդիներուն տուի։ Ասիկա Տէրոջը պատարագներէն Ահարոնին եւ անոր որդիներուն իրենց օծման բաժին տրուեցաւ, զանոնք Տէրոջը քահանայութիւն ընելու մօտեցուցած օրը, Որոնց օծուած օրը, Տէրը հրամայեց, որ Իսրայէլի որդիներէն անոնց տրուի։ Իրենց ցեղերուն յաւիտենական պարտքն է։ Ողջակէզին, հացի ընծային եւ մեղքի պատարագին եւ յանցանքի պատարագին ու օրհնութիւններուն եւ խաղաղութեան զոհին օրէնքը այս է, Որը Տէրը պատուիրեց Մովսէսին Սինա լեռը, այն օրը երբ Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց իրենց ընծաները Տէրոջը մատուցանել Սինայի անապատին մէջ։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ա՛ռ Ահարոնն ու անոր որդիները իրեն հետ եւ զգեստներն ու օծման իւղը եւ մեղքի պատարագին զուարակն ու երկու խոյերը եւ անխմոր հացին սակառը Եւ հաւաքէ բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ վկայութեան խորանին դուռը»։ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ ու ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուեցաւ վկայութեան խորանին դուռը։ Եւ Մովսէս ըսաւ ժողովուրդին. «Այս է ինչ որ Տէրը պատուիրեց»։ Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ զանոնք ջրով լուաց Եւ անոր հագցուց շապիկը ու անոր մէջքը կապեց գօտին եւ պատմուճանը հագցուց անոր ու եփուտը անոր վրայ դրաւ ու եփուտին ժապաւէնովը փաթթեց ու անով գօտեւորեց զանիկա։ Եւ լանջապանակը անոր վրայ դրաւ ու լանջապանակին մէջ Ուրիմն ու Թումիմը դրաւ։ Եւ խոյրը անոր գլուխը դրաւ ու խոյրին վրայ անոր առջեւի կողմէն ոսկի թիթեղը, այսինքն սուրբ պսակը դրաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։ Մովսէս օծման իւղը առաւ ու խորանը եւ բոլոր անոր մէջ եղածները օծեց ու սրբեց զանոնք Եւ անկէ սեղանին վրայ սրսկեց եօթը անգամ եւ սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները եւ աւազանն ու անոր խարիսխը օծեց, զանոնք սրբելու համար։ Եւ օծման իւղէն Ահարոնին գլխուն վրայ թափելով՝ զանիկա սրբելու համար օծեց։ Եւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնին որդիները ու անոնց շապիկներ հագցուց եւ մէջքերնին գօտի կապեց ու անոնց գլուխը ապարօշներ փաթթեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։ Եւ մեղքի պատարագին զուարակը մօտեցուց եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը մեղքի պատարագ ըլլալիք զուարակին գլխուն վրայ դրին։ Մորթեց զանիկա եւ Մովսէս արիւնը առաւ ու իր մատովը սեղանին եղջիւրներուն շուրջը դնելով, մաքրեց սեղանը ու արիւնը սեղանին յատակը թափեց եւ անոր վրայ քաւութիւն ընելու համար սրբեց զայն։ Եւ փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպը առաւ ու Մովսէս սեղանին վրայ այրեց զանոնք ։ Բայց զուարակը, այսինքն անոր մորթը եւ միսը ու անոր աղբը, բանակէն դուրս կրակով այրեց, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։ Եւ ողջակէզին խոյը մօտեցուց։ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ դրին։ Եւ մորթեց զանիկա եւ Մովսէս շուրջանակի սեղանին վրայ սրսկեց արիւնը Եւ խոյը կտոր կտոր ըրաւ ու Մովսէս այրեց գլուխը եւ կտորներն ու ճարպը։ Փորոտիքն ու ոտքերը ջրով լուաց եւ Մովսէս բոլոր խոյը սեղանին վրայ այրեց։ Ասիկա ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ էր Տէրոջը, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ Եւ մօտեցուց միւս խոյը, այսինքն օրհնութեան խոյը։ Ահարոն ու անոր որդիները իրենց ձեռքերը խոյին գլխուն վրայ դրին Եւ մորթեց զանիկա ու Մովսէս անոր արիւնէն առաւ եւ Ահարոնին աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսեց։ Ահարոնին որդիներն ալ մօտեցուց ու Մովսէս արիւնէն անոնց աջ ականջներուն բլթակներուն վրայ եւ անոնց աջ ձեռքերուն մեծ մատերուն վրայ ու անոնց աջ ոտքերուն մեծ մատերուն վրայ քսեց եւ Մովսէս սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց մնացած արիւնը։ Եւ ճարպը, դմակն ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը եւ լեարդին թաղանթն ու երկու երիկամունքը եւ անոնց ճարպն ու աջ զիստը առաւ Եւ Տէրոջը առջեւ եղած անխմոր հացի սակառէն անխմոր շօթ մը, իւղով հացի շօթ մը ու լաւաշ մը առաւ եւ ճարպերուն վրայ ու աջ զստին վրայ դրաւ։ Եւ բոլորը Ահարոնին ու անոր որդիներուն ձեռքը դնելով՝ զանոնք Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց։ Եւ Մովսէս անոնց ձեռքէն առաւ զանոնք ու սեղանը եղած ողջակէզին վրայ այրեց։ Ասոնք օրհնութեան համար անուշահոտ պատարագ էին Տէրոջը։ Եւ Մովսէս երբուծը առաւ ու Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց։ Ասիկա օրհնութեան խոյէն Մովսէսին բաժինը եղաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։ Եւ Մովսէս օծման իւղէն ու սեղանին վրայ եղած արիւնէն առնելով՝ Ահարոնին վրայ ու անոր հանդերձներուն վրայ եւ անոր որդիներուն վրայ ու անոր որդիներուն հանդերձներուն վրայ սրսկեց եւ Ահարոնն ու անոր հանդերձները եւ անոր որդիներն ու անոր որդիներուն հանդերձները սրսկեց։ Եւ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն. «Միսը վկայութեան խորանին դրանը քով եռացուցէք եւ հոն օրհնութեան սակառին մէջի հացերովը կերէք զանիկա, ինչպէս ինծի պատուիրուեցաւ՝ ՝, ըսելով թէ Ահարոնն ու անոր որդիները պիտի ուտեն զանոնք։ Եւ միսէն ու հացէն աւելցածը կրակով այրեցէ՛ք Եւ եօթը օր վկայութեան խորանին դռնէն դուրս մի՛ ելլէք, մինչեւ ձեր օրհնութեան օրերուն վերջին օրը. վասն զի ձեր օրհնութիւնը եօթը օր պիտի ըլլայ։ Այս օրուան եղածին պէս, ձեզի համար քաւութիւն ընելու, Տէրը հրաման ըրաւ, որ այսպէս ընէք։ Ուստի ցորեկը ու գիշերը եօթը օր վկայութեան խորանին դրանը քով պիտի նստիք ու Տէրոջը պահպանութիւնը պիտի ընէք, որպէս զի չմեռնիք. քանզի այսպէս պատուիրուած է ինծի Տէրոջմէն »։ Եւ Ահարոնն ու անոր որդիները Տէրոջը Մովսէսին միջոցով պատուիրած բոլոր բաները ըրին։ Ութերորդ օրը Մովսէս կանչեց Ահարոնն ու անոր որդիները եւ Իսրայէլի ծերերը Եւ ըսաւ Ահարոնին. «Ա՛ռ քեզի մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը ու ողջակէզի համար՝ խոյ մը. անոնք անարատ պէտք է ըլլան եւ Տէրոջը առջեւ մօտեցո՛ւր Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսէ՝ ըսելով. ‘Մեղքի պատարագի համար այծերէն՝ նոխազ մը եւ ողջակէզի համար զուարակ մը ու գառնուկ մը առէ՛ք. մէկ տարեկան եւ անարատ ըլլալու են։ Նաեւ խաղաղութեան զոհերուն համար Տէրոջը առջեւ զոհելու արջառ մը ու խոյ մը ու իւղով շաղուած հացի ընծայ առէք. վասն զի այսօր Տէրը ձեզի պիտի երեւնայ’»։ Եւ Մովսէսին պատուիրածները վկայութեան խորանին առջեւ բերին ու բոլոր ժողովուրդը մօտեցան ու Տէրոջը առջեւ կայնեցան։ Եւ Մովսէս ըսաւ. «Այս է Տէրոջը պատուէրը. ասիկա ըրէ՛ք ու Տէրոջը փառքը ձեզի պիտի երեւնայ»։ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Սեղանին մօտեցի՛ր ու քու մեղքի պատարագդ եւ ողջակէզդ ըրէ՛ եւ քեզի համար ու ժողովուրդին համար քաւութիւն ըրէ՛ եւ ժողովուրդին ընծան մատուցանելով՝ անոնց համար քաւութիւն ըրէ՛ Տէրոջը պատուիրածին պէս»։ Ուստի Ահարոն սեղանին մօտեցաւ եւ իրեն համար եղած մեղքի պատարագին զուարակը մորթեց։ Ահարոնին որդիները արիւնը մօտեցուցին անոր ու անիկա իր մատը արիւնը թաթխեց ու սեղանին եղջիւրներուն վրայ քսեց եւ մնացած արիւնը սեղանին յատակը թափեց. Մեղքի պատարագին ճարպը եւ երիկամունքները եւ լեարդին թաղանթը սեղանին վրայ այրեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Եւ միսն ու մորթը բանակին դուրսի կողմը կրակով այրեց։ Եւ ողջակէզը մորթեց ու Ահարոնին որդիները արիւնը իրեն բերին։ Ահարոն սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց զայն։ Եւ ողջակէզը կտորներովը ու գլխովը իրեն բերին եւ սեղանին վրայ այրեց։ Եւ փորոտիքն ու ոտքերը լուաց ու սեղանին վրայի ողջակէզին վրայ այրեց։ Եւ ժողովուրդին ընծան մօտեցուց ու ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըրաւ, առաջուանին պէս։ Եւ ողջակէզը մօտեցուց ու օրէնքին համաձայն մատուցանեց։ Եւ հացի ընծան մօտեցուց ու անկէ ձեռքը լեցուց եւ սեղանին վրայ այրեց, առտուան ողջակէզէն զատ։ Եւ ժողովուրդին խաղաղութեան զոհ ըլլալու արջառը ու խոյը մորթեց եւ Ահարոնին որդիները արիւնը անոր բերին ու սեղանին վրայ շուրջանակի սրսկեց զայն։ Եւ արջառին ճարպերն ու խոյին դմակը եւ փորոտիքը ծածկող ճարպը ու երիկամունքներն ու լեարդին թաղանթը բերին Եւ ճարպերը երբուծներուն վրայ դրին ու ճարպերը սեղանին վրայ այրեց։ Ահարոնին երբուծներն ու աջ զիստը Տէրոջը առջեւ իբր երերցնելու ընծայ մատուցանեց, ինչպէս Մովսէսին պատուիրեր էր։ Եւ Ահարոն իր ձեռքերը ժողովուրդին վրայ երկնցուց ու օրհնեց զանոնք եւ մեղքի պատարագն ու ողջակէզը եւ խաղաղութեան զոհերը մատուցանելէն ետքը իջաւ։ Մովսէս ու Ահարոն վկայութեան խորանը մտան եւ անկէ ելլելով ժողովուրդը օրհնեցին եւ Տէրոջը փառքը բոլոր ժողովուրդին երեւցաւ։ Եւ Տէրոջը առջեւէն կրակ ելաւ ու սեղանին վրայ եղած ողջակէզը եւ ճարպը այրեց եւ բոլոր ժողովուրդը տեսնելով՝ աղաղակեցին ու երեսնուն վրայ ինկան։ Ահարոնին որդիները՝ Նադաբ ու Աբիուդ՝ ամէն մէկը իր բուրվառը առաւ ու անոր մէջ կրակ դրին եւ վրան խունկ դրին ու Տէրոջը առջեւ անսուրբ կրակ մատուցանեցին, որ ինք պատուիրած չէր անոնց։ Տէրոջը առջեւէն կրակ ելաւ ու սպառեց զանոնք եւ Տէրոջը առջեւ մեռան։ Այն ատեն Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Տէրը այսպէս խօսեցաւ, ըսելով. ‘Ինծի մօտեցողներուն մէջ սուրբ պիտի սեպուիմ ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ փառաւորուիմ’» եւ Ահարոն լուռ կեցաւ։ Մովսէս կանչեց Ահարոնին հօրեղբօրը Ոզիէլին որդիները՝ Միսայէլն ու Եղիսափանը՝ եւ ըսաւ անոնց. «Մօտեցէ՛ք, ձեր եղբայրները սրբարանին առջեւէն բանակէն դուրս տարէ՛ք»։ Անոնք մօտեցան ու Մովսէսին ըսածին պէս՝ զանոնք իրենց շապիկներովը բանակէն դուրս տարին։ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին. «Գլուխնիդ մի՛ բանաք ու հանդերձնիդ մի՛ պատռէք, որպէս զի չմեռնիք եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ բարկութիւն չգայ. բայց ձեր եղբայրները՝ Իսրայէլի բոլոր տունը՝ Տէրոջը այրածին վրայ թող լան։ Եւ դուք վկայութեան խորանին դռնէն դուրս մի՛ ելլէք, որպէս զի չմեռնիք. վասն զի Տէրոջը օծման իւղը վրանիդ է»։ Անոնք Մովսէսին ըսածին պէս ըրին։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Ահարոնին՝ ըսելով. «Երբ վկայութեան խորանը մտնէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու որդիներդ, գինի կամ օղի մի՛ խմէք, որպէս զի չմեռնիք։ Ասիկա ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ, Որպէս զի սուրբին ու անսուրբին մէջտեղ եւ անմաքուրին ու մաքուրին մէջտեղ տարբերութիւն դնէք Եւ որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն սորվեցնէք բոլոր կանոնները, որոնք Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրած է անոնց»։ Մովսէս խօսեցաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին. «Տէրոջը պատարագներէն աւելցած հացի ընծան առէք ու սեղանին քով բաղարջ կերէք. վասն զի անիկա ամենասուրբ է։ Սուրբ տեղը կերէք զանիկա, վասն զի Տէրոջը պատարագներէն քու իրաւունքդ ու քու որդիներուդ իրաւունքն է. քանզի ինծի այսպէս պատուիրած է։ Եւ երերցնելու երբուծը ու բարձրացնելու զիստը՝ դուն ու քու որդիներդ եւ քու աղջիկներդ քեզի հետ մաքուր տեղ մը կերէք, վասն զի Իսրայէլի որդիներուն խաղաղութեան զոհերէն որպէս քու իրաւունքդ ու քու որդիներուդ իրաւունքը տրուած են։ Բարձրացնելու զիստն ու երերցնելու երբուծը ճարպին պատարագներովը Տէրոջը առջեւ երերցնելու համար թող բերեն, որպէսզի Տէրոջը պատուիրածին պէս քուկդ ու քու որդիներուդ ըլլայ յաւիտենական կանոնով»։ Եւ Մովսէս մեղքի պատարագին նոխազը զգուշութեամբ փնտռեց եւ ահա այրուած էր, ուստի Ահարոնին որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին՝ բարկացաւ՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ մեղքի պատարագը սուրբ տեղը չկերաք. քանզի այս ամենասուրբ է ու Տէրը տուաւ ձեզի, որպէս զի ժողովուրդին անօրէնութիւնը վերցնէք ու Տէրոջը առջեւ անոնց համար քաւութիւն ընէք։ Ահա անոր արիւնը սրբարանին մէջ չբերուեցաւ. դուք իմ պատուիրածիս պէս անպատճառ սուրբ տեղը ուտելու էիք զայն»։ Եւ Ահարոն ըսաւ Մովսէսին. «Ահա այսօր իրենց մեղքի պատարագը ու ողջակէզը Տէրոջը առջեւ մատուցանեցին ու գլխուս այսպիսի բաներ եկան եւ եթէ այսօր մեղքի պատարագը ուտելու ըլլայի, Տէրոջը առջեւ հաճելի պիտի ըլլա՞ր արդեօք»։ Եւ երբ Մովսէս այս լսեց, հաճեցաւ։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Խօսեցէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ք. Երկրի վրայ եղած բոլոր անասուններէն հետեւեալ անասունները պիտի ուտէք. Ամէն ճեղքուած կճղակ ունեցող կճղակաբաշխ ու որոճացող անասուն կրնաք ուտել։ Բայց որոճացողէն կամ կճղակաբաշխ եղածէն հետեւեալները պիտի չուտէք՝ ուղտը, վասն զի անիկա թէեւ կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ Եւ ճագարը, վասն զի անիկա կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ Եւ նապաստակը, որ թէեւ կ’որոճայ, բայց կճղակաբաշխ չէ, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ։ Եւ խոզը, որ թէեւ կճղակաբաշխ է եւ ճեղքուած կճղակ ունի, բայց չ’որոճար, անիկա ձեզի անմաքուր ըլլայ։ Ասոնց միսէն մի՛ ուտէք ու դիակներուն մի՛ դպչիք. ձեզի անմաքուր են։ Ջուրերու մէջ բոլոր եղածներէն հետեւեալները կերէք՝ ջուրերու մէջ, այսինքն ծովերու մէջ եւ գետերու մէջ բոլոր թեւ ու թեփ ունեցողը կրնաք ուտել։ Եւ ծովերու մէջ ու գետերու մէջ եղած բոլոր անթեւ ու անթեփ եղածները՝ ջուրերուն բոլոր զեռունները եւ ջուրերուն մէջ եղած շունչ ունեցող բոլոր կենդանիները՝ պիղծ ըլլան ձեզի։ Անոնք ձեզի պիղծ ըլլան. անոնց միսէն մի՛ ուտէք եւ անոնց դիակներէն զզուեցէ՛ք։ Ջուրերուն մէջ եղած բոլոր անթեւ ու անթեփ եղածները ձեզի պիղծ ըլլան։ Եւ թռչուններուն մէջ հետեւեալները պիղծ պիտի սեպէք, պիտի չուտէք։ Պիղծ են արծիւը եւ պսկուճը ու գետարծիւը Եւ ցինն ու անգղը իր տեսակին պէս Եւ ագռաւը իր տեսակին պէս Եւ ջայլամն ու բուն եւ կկուն ու բազէն իրենց տեսակին պէս Եւ հաւպատիրն ու հողամաղը եւ քաջահաւը Եւ կարապը եւ հաւալուսը ու սեւ անգղը Եւ արագիլն ու քարադրը իրենց տեսակին պէս եւ յոպոպն ու չիղջը։ Ամէն չորս ոտքի վրայ քալող թռչող զեռուն ձեզի պիղծ սեպեցէք։ Սակայն հետեւեալները կերէք. չորս ոտքի վրայ քալող բոլոր թռչող զեռուններէն՝ երկրի վրայ ցատկելու համար՝ ոտքերնուն վրայ ազդր ունեցողները։ Անոնցմէ հետեւեալները կերէք՝ մարախը իր տեսակին պէս ու գրուիճը իր տեսակին պէս եւ խարագուլը իր տեսակին պէս ու ջորեակը իր տեսակին պէս։ Բայց մնացած բոլոր չորս ոտքով թռչող զեռունները ձեզի պիղծ ըլլան։ Անոնցմով դուք անմաքուր պիտի ըլլաք. ամէն անոնց դիակներուն դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ բոլոր անոնց դիակները վերցնողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ Բոլոր անասունները, որոնք կճղակաբաշխ են, բայց կճղակնին ճեղքուած չէ եւ չեն որոճար, անմաքուր են ձեզի. ով որ անոնց դիակներուն դպչի, անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ բոլոր չորս ոտքի վրայ քալող անասուններէն՝ բոլոր թաթերնուն վրայ քալողները անմաքուր ըլլան ձեզի. ամէն անոնց դիակներուն դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ անոնց դիակները վերցնողը իր լաթերը պէտք է լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ. անոնք անմաքուր են ձեզի։ Եւ երկրի վրայ սողացող սողուններուն մէջ հետեւեալները անմաքուր են ձեզի՝ աքիսն ու մուկը եւ տիտեռը իրենց տեսակին պէս Եւ կովադիան ու մողէսը եւ քարաթօշը ու խոմէթը եւ գետնառիւծը։ Բոլոր սողացողներուն մէջ ձեզի անմաքուր եղածները ասոնք են։ Անոնց մեռածին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ անոնցմէ մեռած մը ինչ բանի վրայ որ իյնայ, փայտէ աման ըլլայ կամ հանդերձ կամ մորթ կամ քուրձ, ի՛նչ տեսակ գործածական աման որ ըլլայ, անմաքուր պիտի ըլլայ։ Ջուրը պիտի ձգուի ան ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ եւ ետքը մաքուր սեպուի։ Անոնցմէ ոեւէ մէկը, որ հողէ ամանին մէջ իյնալու ըլլայ, ամանին մէջ եղածը անմաքուր պիտի ըլլայ։ Այն ամանը պէտք է կոտրէք։ Ամէն ուտելու կերակուր, որուն վրայ ջուր կայ ու ասոնցմէ ոեւէ մէկը մէջը իջնայ ՝ ՝, անմաքուր պիտի ըլլայ. նոյնպէս ամէն ամանի մէջ եղած բոլոր խմուելիքը անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ ամէն բան, որուն վրայ ասոնց դիակը կ’իյնայ, անմաքուր պիտի ըլլայ. թէ ՛ թոնիր ըլլայ եւ թէ՛ վառարան, պիտի աւրուի. ասոնք անմաքուր են ու անմաքուր պիտի սեպուին ձեզի։ Բայց աղբիւրը կամ հորը, ուր հաւաքուած ջուր կայ՝ ՝, մաքուր պիտի ըլլայ. սակայն անոնց դիակներուն դպչողը անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ եթէ անոնց դիակը ցանուելու սերմի վրայ իյնայ, մաքուր պիտի ըլլայ այն։ Բայց եթէ սերմին վրայ ջուր դրուած ըլլայ ու անոր վրայ անոնց դիակը իյնայ, այն ձեզի անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ եթէ ձեր ուտելու կենդանիներէն մէկը մեռնի, անոր դիակին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ անոր դիակէն ուտողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ եւ անոր դիակը վերցնողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։ Երկրի վրայ սողացող ամէն սողուն պիղծ է. պէտք չէ ուտուի այն։ Երկրի վրայ բոլոր սողացող սողունները՝ իր փորին վրայ քալողը կամ չորս ոտքի վրայ պտըտողը եւ կամ բազմոտանի եղածները մի՛ ուտէք, վասն զի պիղծ են։ Ոեւէ սողունով անձերնիդ մի՛ պղծէք. անոնցմով պղծուելով անձերնիդ անմաքուր մի՛ ընէք։ Որովհետեւ ես եմ Տէր Աստուածը, ուստի սրբեցէք անձերնիդ ու սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ։ Բնաւ երկրի վրայ սողացող ոեւէ զեռունով անձերնիդ մի՛ պղծէք։ Քանզի ես եմ Եհովան, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, որպէս զի ձեզի Աստուած ըլլամ. ուստի սուրբ եղէ՛ք, վասն զի ես սուրբ եմ»։ Չորքոտանիներուն եւ թռչուններուն ու ջուրերուն մէջ շարժող բոլոր շնչաւոր կենդանիներուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն օրէնքը այս է. Որպէս զի անմաքուրին ու մաքուրին մէջտեղ եւ ուտուելու անասունին ու չուտուելու անասունին մէջտեղ տարբերութիւն դնէք։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եթէ կին մը սերմ առնէ ու արու զաւակ ծնանելու ըլլայ, եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ. իր դաշտանին համար զատուելու օրերուն համեմատ անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ ութերորդ օրը տղուն անթլփատութեան մարմինը պիտի թլփատուի։ Անիկա իր մաքրուելուն արիւնովը երեսունըերեք օր պիտի նստի ու մինչեւ իր մաքրուելու օրերուն լմննալը՝ բնաւ սուրբ բանի մը պիտի չդպչի, ո՛չ ալ սրբարանը մտնէ։ Բայց եթէ անիկա աղջիկ ծնանալեու ըլլայ, երկու շաբաթ անմաքուր պիտի ըլլայ իր դաշտանի ժամանակին պէս եւ վաթսունըվեց օր իր մաքրուելուն արիւնովը պիտի նստի։ «Երբ տղայ կամ աղջիկ զաւկի համար իր մաքրուելու օրերը լմննան, վկայութեան խորանին դուռը ողջակէզի համար մէկ տարեկան գառ ու մեղքի պատարագի համար աղաւնիի ձագ մը կամ տատրակ մը պէտք է բերէ քահանային, Որ մատուցանէ Տէրոջը ու քաւութիւն ընէ անոր համար եւ անիկա իր արիւնին աղբիւրէն պիտի մաքրուի։ Արու կամ էգ զաւակ ծնանողին օրէնքը այս է։ Եւ եթէ գառ բերելու կարող չըլլայ, երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ, մէկը ողջակէզի ու միւսը մեղքի պատարագի համար եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ անոր համար ու անիկա մաքրուի»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Եթէ մարդու մը մարմնին մորթին վրայ ուռեցք կամ քոս կամ պաղպաջ ըլլալով՝ անոր մարմնին մորթին վրայ բորոտութեան ախտին պէս նշան մը երեւնալու ըլլայ, այն ատեն անիկա Ահարոն քահանային կամ անոր որդիներէն՝ քահանաներէն՝ մէկուն պէտք է բերուի։ Եւ քահանան թող նայի մարմնին մորթին վրայ եղած ախտին նշաններուն ու եթէ ախտին մէջի մազերը ճերմակի դառնալով՝ ախտը մարմնին մորթէն խորունկ երեւնայ, բորոտութեան ախտ է այն։ Քահանան թող նայի անոր ու թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը՝ ՝։ Բայց եթէ անոր մարմնին մորթին վրայի պաղպաջը ճերմակ է ու մորթէն խորունկ չերեւնար եւ մազն ալ ճերմակի դարձած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ ախտաւորը։ Եւ քահանան եօթներորդ օրը թող նայի անոր ու եթէ ախտը դեռ կը կենայ, բայց մորթին վրայ տարածուած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր ալ գոցուած թող պահէ զանիկա։ Եւ քահանան եօթներորդ օրը նորէն թող նայի անոր ու եթէ սպիացած ըլլայ ու մորթին մէջ տարածուած չըլլայ, քահանան թող ծանուցանէ անոր մաքուր ըլլալը՝ ՝։ Ասիկա միայն քոս մըն է եւ անիկա իր լաթերը թող լուայ ու մաքրուի։ Բայց եթէ իր մաքրուելուն համար քահանայէն քննուելէն ետքը՝ քոսը մորթին մէջ տարածուի, քահանան նորէն թող նայի անոր։ Եւ քահանային նայած ատենը եթէ քոսը մորթին մէջ տարածուած է, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Բորոտութիւն է ատիկա։ Եթէ մարդու մը վրայ բորոտութեան ախտը ըլլայ, անիկա քահանային պէտք է տարուի։ Եւ քահանան թող նայի եւ եթէ մորթին մէջ ճերմակ ուռեցք կայ ու ճերմակի դարձեր է մազը եւ ուռեցքին մէջ ողջ միսի նշան կայ, Ասիկա անոր մարմնին մորթին վրայ հինցած բորոտութիւն է։ Քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ եւ գոցուած չպահէ զանիկա, վասն զի անմաքուր է։ Եթէ բորոտութիւնը մորթին վրայ տարածուեր է ու ախտաւորին բոլոր մորթը գլխէն մինչեւ ոտքը, այսինքն քահանային աչքերուն բոլոր տեսած տեղերը, բորոտութիւնը պատեր է, Եւ քահանան տեսնէ որ բորոտութիւնը անոր բոլոր մարմինը պատած է, այն ատեն ախտաւորին մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ. քանզի բոլորովին ճերմակ դարձած է։ Անիկա մաքուր է։ Բայց երբ անոր վրայ ողջ միս տեսնուի, անիկա անմաքուր պիտի սեպուի։ Եթէ քահանան տեսնէ ողջ միսը, անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Ողջ միսը անմաքուր է. բորոտութիւն է։ Իսկ եթէ ողջ միսը փոխուի նորէն ու ճերմակի դառնալու ըլլայ, այն ատեն քահանային թող գայ Եւ քահանան քննէ զանիկա ու եթէ ախտը ճերմակի դարձեր է, այն ատեն քահանան ախտաւորին մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա մաքուր է։ Եթէ մարմնին մորթին վրայ պալար ըլլայ ու առողջանայ Եւ պալարին տեղը ճերմակ ուռեցք կամ քիչ մը կարմրած ճերմակ պաղպաջ մնայ, քահանային թող ցուցուի այն։ Եւ երբ քահանան տեսնէ թէ մորթէն ցած կ’երեւնայ եւ մազը ճերմակի դարձած է, քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա պալարէ ելած բորոտութեան ախտ է։ Իսկ եթէ քահանան տեսնէ թէ ճերմակ մազ չկայ անոր մէջ ու մորթէն ցած չէ՝ բայց սպիացած է, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ զանիկա։ Եթէ մորթին վրայ տարածուած ըլլայ, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Ախտ է այն։ Բայց եթէ պաղպաջը իր տեղը կը կենայ ու չէ տարածուեր, պալարին սպին է. քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Իսկ եթէ մարմնին մորթին վրայ կրակի այրած ըլլայ ու այրածին նշանը՝ ՝ քիչ մը կարմրած ճերմակ պաղպաջ ըլլայ, Քահանան անոր նայած ատենը՝ եթէ պաղպաջին մէջ մազը ճերմակի դարձած է ու մորթէն խորունկ կ’երեւնայ, անիկա այրածէն առաջ եկած բորոտութիւն է։ Քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա բորոտութեան ախտ է։ Բայց եթէ քահանային նայած ատենը, պաղպաջին մէջ մազը ճերմակ չէ ու մորթէն խորունկ չէ, հապա սպիացած է, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ զանիկա։ Եօթներորդ օրը քահանան թող նայի անոր. եթէ մորթին մէջ տարածուած է, քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա բորոտութեան ախտ է։ Եւ եթէ պաղպաջը իր տեղ կը կենայ ու մորթին վրայ տարածուած չէ, հապա աղօտացած է, անիկա այրածին ուռեցքն է։ Քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ. վասն զի այրածին սպին է։ Եւ եթէ մարդու մը կամ կնոջ մը գլուխը կամ կզակը ուխտ մը ըլլայ, Քահանան թող քննէ ախտը եւ եթէ մորթէն խորունկ երեւնայ ու անոր մէջ բարակ դեղին մազ ըլլայ, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա գոնջութիւն է, գլուխի կամ կզակի բորոտութիւն է։ Եւ եթէ քահանան գոնջութեան ախտը տեսնէ որ մորթէն խորունկ չերեւնար ու անոր մէջ սեւ մազ չկայ, այն ատեն քահանան գոնջութեան ախտացածը եօթը օր գոցուած թող պահէ։ Եօթներորդ օրը քահանան ախտաւորին թող նայի ու եթէ գոնջութիւնը տարածուած չէ եւ անոր մէջ դեղին մազ չկայ ու գոնջութիւնը մորթէն խորունկ չերեւնար, Անիկա թող ածիլուի, բայց գոնջութիւնը թող չածիլէ։ Քահանան եօթը օր ալ գոցուած թող պահէ գոնջութիւն ունեցողը։ Եօթներորդ օրը քահանան գոնջութիւն ունեցողը թող քննէ եւ եթէ գոնջութիւնը մորթին մէջ տարածուած չէ ու մորթէն խորունկ չերեւնար, այն ատեն քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ եւ անիկա իր լաթերը թող լուայ ու մաքրուի։ Բայց եթէ իր մաքրուելէն ետքը գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուի, Այն ատեն քահանան թող նայի անոր եւ եթէ գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուած է, այն ատեն քահանան ա՛լ դեղին մազ թող չփնտռէ։ Անիկա անմաքուր է։ Բայց եթէ գոնջութիւնը եղածին պէս կը կենայ եւ անոր մէջ սեւ մազ բուսեր է, գոնջութիւնը բժշկուած է։ Անիկա մաքրուած է, ուստի քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Եթէ մարդ մը կամ կին մը իր մարմնին մորթին վրայ պաղպաջներ, այսինքն ճերմակ պաղպաջներ ունենայ, Այն ատեն քահանան թող քննէ եւ եթէ անոնց մարմիններուն մորթին վրայի պաղպաջները սպիացած ճերմակ ըլլան, ըսել է թէ մորթին մէջ գոյացածը պիսակ է։ Անիկա մաքուր է։ Եթէ մարդու մը գլխուն մազը թափելու ըլլայ, անիկա կնտակ է, բայց մաքուր է։ Եւ եթէ անոր երեսին կողմէն գլխուն մազերը թափած ըլլան, անիկա ճեղ է, բայց մաքուր է։ Բայց եթէ կնտութեան կամ ճեղութեան մէջ քիչ մը կարմրած ճերմակ վէրք ըլլայ, ան, կնտութեանը կամ ճեղութեանը մէջ գոյացած բորոտութիւն է։ Այն ատեն քահանան թող նայի անոր եւ եթէ անոր կնտութեանը կամ ճեղութեանը մէջ, վէրքին ուռեցքը քիչ մը կարմրած ճերմակ ըլլայ, մարմնին մորթին վրայ եղած բորոտութեան երեւոյթին պէս, Այն մարդը բորոտ է, անմաքուր է. քահանան անպատճառ անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անոր ախտը իր գլխուն վրայ է։ Ախտ ունեցող բորոտին հանդերձը թող պատռուի եւ անոր գլուխը մերկ ու անոր շրթունքները ծածկուին եւ ձայն թող տայ թէ՝ ‘Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ’։ Ախտը իր վրայ եղած բոլոր օրերը անմաքուր պիտի սեպուի. անիկա անմաքուր է, մինակ պէտք է նստի. անոր բնակութիւնը բանակէն դուրս պէտք է ըլլայ։ Այն հանդերձը, որուն մէջ բորոտութեան ախտ կայ, բուրդէ հանդերձ ըլլայ, կամ քթանէ հանդերձ, Քթանեղէնի կամ բրդեղէնի առէջի կամ թեզանի մէջ կամ մորթի մէջ եւ կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ, Այսինքն՝ եթէ հանդերձի կամ մորթի մէջ, կամ առէջի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ քիչ մը կանանչ կամ կարմրած ախտի նշան ըլլայ, բորոտութեան ախտ է, ուստի քահանային թող ցուցուի։ Եւ քահանան պէտք է քննէ ախտը ու եօթը օր գոցուած պահէ ախտացեալ բանը։ Եօթներորդ օրը ախտացեալ բանին թող նայի. եթէ ախտին նշանը տարածուած է հանդերձի մը մէջ, կամ առէջի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթի մէջ եւ կամ գործածուելու համար մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ, այս ախտը բորբոքած բորոտութիւն է. անմաքուր է։ Ուստի անիկա պիտի այրէ բրդեղէն կամ քթանեղէն հանդերձը կամ առէջ կամ թեզանը կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանը, որուն մէջ այն ախտը կայ. որովհետեւ բորբոքած բորոտութիւն է ան, կրակով պէտք է այրուի։ Եւ եթէ քահանան տեսնէ որ ախտին նշանը հանդերձին մէջ կամ առէջին կամ թեզանին մէջ կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանի մէջ տարածուած չէ, Այն ատեն քահանան թող հրամայէ, որ այն ախտացեալ բանը լուան ու նորէն եօթը օր գոցուած պահէ զայն։ Ախտացեալ բանին լուացուելէն ետքը եթէ քահանան տեսնէ, որ ախտին նշանը իր գոյնը չէ փոխեր ու ախտը տարածուած ալ չէ, անիկա անմաքուր է. կրակի մէջ պէտք է այրես զայն։ Անոր տակ կամ վրայ փտտութիւն կայ։ Եթէ քահանան տեսնէ թէ անոր լուացուելէն ետքը ախտին նշանը սպիացած է, այն ատեն ախտացեալ մասը հանդերձէն կամ առէջէն եւ կամ թեզանէն թող պատռէ։ Եւ եթէ հանդերձին մէջ կամ առէջին կամ թեզանին մէջ կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանին մէջ նորէն երեւնալու ըլլայ, անիկա տարածուած բորոտութիւն է. վրան ախտ ունեցող բանը կրակի մէջ այրէ՛։ Եւ այն հանդերձը կամ առէջը կամ թեզանը, կամ ոեւէ մորթէ շինուած բան, որ լուացուելէն ետքը ախտը անկէ գացած է, նորէն թող լուացուի, որ մաքրուի»։ Բուրդէ կամ քթանէ հանդերձի մէջ կամ առէջի կամ թեզանի մէջ կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ երեւցած բորոտութեան ախտին օրէնքը այս է, անոր մաքուր կամ անմաքուր ըլլալը ծանուցանելու համար։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Բորոտին օրէնքը այս ըլլալու է մաքրուելու օրը. Անիկա քահանային թող տարուի Եւ քահանան բանակէն դուրս թող ելլէ ու քահանան քննէ ու եթէ բորոտին բորոտութեան ախտը բժշկուած է, Այն ատեն քահանան թող հրամայէ, որ մաքրուած մարդուն համար երկու ողջ եւ մաքուր թռչուն ու եղեւնափայտ ու կրկնակի կարմիր եւ զոպայ առնուի։ Եւ քահանան թող հրամայէ որ թռչունին մէկը հողէ ամանի մը մէջ կենդանի ջուրի վրայ մորթուի։ Ողջ թռչունն ու եղեւնափայտը եւ կրկնակի կարմիրն ու զոպան թող առնէ եւ ասոնք ողջ թռչունին հետ վազող ջուրին վրայ մորթուած թռչունին արեանը մէջ թող թաթխէ։ Բորոտութենէ բռնուած մարդուն վրայ եօթը անգամ սրսկէ ու մաքրէ զանիկա, իսկ ողջ թռչունը դէպի դաշտը արձակէ։ Եւ մաքրուելիք մարդը իր հանդերձները թող լուայ ու իր բոլոր մազերը ածիլէ եւ ջրով լուացուի ու մաքրուի։ Անկէ յետոյ բանակը թող մտնէ ու եօթը օր իր վրանէն դուրս կենայ։ Եւ եօթներորդ օրը իր բոլոր մազերը ածիլէ, իր գլուխն ու մօրուքը եւ յօնքերը, այսինքն իր բոլոր մազերը, ածիլէ եւ իր լաթերը լուայ ու իր մարմինը ջրով լուայ ու մաքրուի։ Ութերորդ օրը երկու անարատ արու գառ ու մէկ տարեկան մէկ անարատ էգ գառ եւ հացի ընծայի համար իւղով շաղուած երեք տասնորդ բարակ ալիւր ու մէկ ճաշակ իւղ թող առնէ։ Եւ մաքրող քահանան մաքրուելիք մարդը ասոնցմով Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը կեցնէ։ Եւ քահանան արու գառին մէկը թող առնէ ու մօտեցնէ յանցանքի պատարագի համար ու իւղին ճաշակը առնէ եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ երերցնելու ընծայ թող ընէ։ Գառը պիտի մորթէ մեղքի պատարագին ու ողջակէզին մորթուած տեղը, սուրբ տեղը պիտի մորթէ. վասն զի յանցանքի պատարագը մեղքի պատարագին պէս քահանայինն է։ Ասիկա ամենասուրբ է։ Եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու քահանան մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ եւ անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսէ զայն ։ Եւ քահանան իւղին ճաշակէն քիչ մը իւղ թող առնէ ու իր ձախ ձեռքին մէջ թափէ։ Քահանան աջ մատը իր ձախ ձեռքը եղած իւղին մէջ թող թաթխէ ու իր մատովը Տէրոջը առջեւ եօթը անգամ սրսկէ այն իւղէն։ Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղէն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ յանցանքի պատարագի արիւնին վրայ թող դնէ։ Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղը մաքրուելիք մարդուն գլխուն վրայ թող դնէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ Տէրոջը առջեւ։ Ետքը քահանան մեղքի պատարագը պէտք է մատուցանէ եւ իր անմաքրութենէն մաքրուելիք մարդուն համար քաւութիւն ընէ ու անկէ յետոյ ողջակէզը մորթէ։ Քահանան ողջակէզն ու հացի ընծան սեղանին վրայ պէտք է մատուցանէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ եւ անիկա պիտի մաքրուի։ Բայց եթէ անիկա աղքատ ըլլայ ու այսչափ կարողութիւն չունենայ, այն ատեն անոր քաւութիւն ընելու համար երերցնելու յանցանքի պատարագի գառնուկ մը եւ հացի ընծայի համար իւղով շաղուած տասնորդ մը բարակ ալիւր ու ճաշակ մը իւղ թող առնէ Եւ երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ՝ ողջակէզ ըլլայ։ Ութերորդ օրը իր մաքրուելուն համար զանոնք քահանային թող բերէ վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը առջեւ։ Քահանան թող առնէ յանցանքի պատարագին գառնուկն ու իւղին ճաշակը եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ որպէս երերցնելու ընծայ մատուցանէ։ Յանցանքի պատարագին գառնուկը պիտի մորթէ եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ եւ անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ, անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսէ զայն։ Քահանան մաս մը իւղ իր ձախ ձեռքին մէջ թող թափէ։ Եւ քահանան իր աջ մատովը իր ձախ ձեռքին մէջ եղած իւղէն Տէրոջը առջեւ եօթը անգամ թող սրսկէ։ Եւ քահանան իր ձախ ձեռքին մէջ եղած իւղէն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ՝ յանցանքի պատարագին արիւնը եղած տեղին վրայ թող քսէ։ Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղը մաքրուելիք մարդուն գլխուն վրայ թող դնէ՝ Տէրոջը առջեւ անոր համար քաւութիւն ընելով։ Եւ տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն մէկը՝ որն որ գտնէ՝ Այսինքն որու որ իր ձեռքը հասնի, մէկը՝ մեղքի պատարագի համար եւ միւսը՝ ողջակէզի համար հացի ընծային հետ մէկտեղ թող մատուցանէ եւ քահանան մաքրուելիք մարդուն համար քաւութիւն թող ընէ Տէրոջը առջեւ»։ Բորոտութեան ախտ ունեցողին ու իր մաքրուելուն համար կարողութիւն չունեցողին օրէնքը այս է»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Երբ մտնէք Քանանի երկիրը՝ որ ձեզի իբր ստացուածք պիտի տամ, եթէ ձեր ստացուածքը եղած երկրին մէկ տանը մէջ բորոտութեան հարուածը տալու ըլլամ, Այն տանը տէրը պէտք է գայ ու իմացնէ քահանային՝ ըսելով. ‘Ինծի կ’երեւայ թէ տանս մէջ ախտ կայ’։ Քահանան պիտի հրամայէ որ տունը պարպեն, դեռ ինք քննելու համար ներս չմտած, որպէս զի տանը մէջ եղած բաներէն մէ՛կը անմաքուր չըլլայ ու անկէ ետք քահանան տունը քննելու պիտի մտնէ Եւ ախտին նշաններուն պիտի նայի ու եթէ ախտը տանը պատերուն վրայ քիչ մը կանանչացած կամ կարմրած փոս տեղեր ըրեր է ու անոնք պատերէն ներս խորունկ կ’երեւնան, Այն ատեն քահանան տունէն թող ելլէ ու տանը դուռը եօթը օր թող գոցէ։ Եօթներորդ օրը քահանան նորէն պէտք է գայ ու նայի եւ եթէ ախտը տանը պատերուն վրայ տարածուած է, Այն ատեն քահանան պիտի հրամայէ, որ ախտացեալ քարերը հանեն եւ քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը նետեն զանոնք։ Տանը ներսը ամբողջութեամբ քերել թող տայ ու անոնց քերած հողը քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը թող թափեն։ Եւ ուրիշ քարեր առնեն ու հին քարերուն տեղը դնեն եւ ուրիշ հող առնեն ու տունը ծեփեն։ Եւ եթէ քարերը հանելէն ետքը ու տունը քերելէ եւ ծեփելէ ետքը ախտը նորէն գայ ու տանը մէջ երեւան ելլէ, Այն ատեն քահանան թող գայ ու քննէ եւ եթէ ախտը տանը մէջ տարածուած է, տանը մէջ բորբոքած բորոտութիւն կայ. անմաքուր է այն։ Ուստի տունը, այսինքն անոր քարերն ու փայտերը ու տանը բոլոր ծեփուած հողը, փլցնէ եւ քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը թափէ։ Եւ ով որ այն տունը մտնէ անոր բոլոր գոցուած օրերը, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի Եւ այն տունը պառկողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու այն տանը մէջ հաց ուտողը իր հանդերձները պիտի լուայ։ Եւ եթէ քահանան գայ ու քննէ որ տունը ծեփուելէն ետքը ախտը անոր մէջ տարածուած չէ, այն ատեն քահանան այն տանը մաքուր ըլլայ թող ծանուցանէ, վասն զի ախտը բժշկուած է։ Տանը մաքրութեանը համար երկու թռչուն ու եղեւնափայտ եւ կրկնակի կարմիր ու զոպայ թող առնէ։ Եւ թռչունին մէկը հողէ ամանի մը մէջ թող մորթէ՝ կենդանի ջուրի վրայ։ Եւ եղեւնափայտն ու զոպան եւ կրկնակի կարմիրն ու ողջ թռչունը թող առնէ ու զանոնք մորթուած թռչունին արեանը եւ այն կենդանի ջուրին մէջ թաթխէ ու եօթը անգամ տանը վրայ սրսկէ Եւ թռչունին արիւնովը ու այն կենդանի ջրով եւ այն ողջ թռչունով ու եղեւնափայտով եւ զոպայով ու կրկնակի կարմիրով թող մաքրէ տունը։ Ողջ թռչունը քաղաքէն դուրս դէպի դաշտը թող արձակէ ու տանը համար քաւութիւն ընէ եւ պիտի մաքրուի ան»։ Բոլոր բորոտութեան ախտին ու գոնջութեան Եւ հանդերձի կամ տան բորոտութեան Եւ ուռեցքի ու քոսի եւ պաղպաջի օրէնքը այս է։ Բանի մը անմաքուր ըլլալը եւ կամ անոր մաքրուիլը՝ ՝ սորվեցնելու համար՝ բորոտութեան օրէնքը այս է։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Խօսեցէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ք անոնց, Երբ մարդու մը մարմնէն ծորում ըլլայ, այդ ծորումը անմաքուր է։ Եւ իր ծորումին համար իր անմաքրութեան օրէնքը այս է. եթէ իր մարմնէն իր ծորումը վազէ, կամ իր մարմինը իր ծորումէն գոցուի, այս է իր անմաքրութիւնը։ Ամէն անկողին՝ որուն վրայ ծորում ունեցողը կը պառկի՝ անմաքուր եւ ամէն բան՝ որուն վրայ անիկա կը նստի՝ անմաքուր թող սեպուի։ Եւ անոր անկողնին դպչող մարդը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ Եւ ծորում ունեցողին նստած բանին վրայ նստողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ Եւ ծորում ունեցողին մարմնին դպչողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ Եթէ ծորում ունեցողը մաքուր մարդու մը վրայ թքնելու ըլլայ, մաքուր մարդը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ Եւ ամէն թամբ, որուն վրայ ծորում ունեցողը կը հեծնէ, անմաքուր պիտի սեպուի։ Եւ ամէն անոր տակ եղած բանին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի ու զանոնք վերցնողը իր հանդերձները պէտք է լուայ եւ ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ Եւ ծորում ունեցողը իր ձեռքը ջուրը չխոթած՝ որու որ դպչելու ըլլայ, անիկա իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ Եւ ծորում ունեցողին դպած հողէ ամանը պէտք է կոտրուի ու ամէն փայտէ աման ջուրը խոթուի։ Երբ ծորում ունեցողը իր ծորումէն մաքրուի, իր մաքրուելուն համար եօթը օր պիտի համրէ եւ իր հանդերձները լուայ ու իր մարմինը վազող ջուրի մէջ լուայ, որ մաքուր ըլլայ։ Ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է առնէ իրեն ու Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը գայ եւ զանոնք քահանային տայ։ Եւ քահանան անոնցմէ մէկը՝ մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ թող ընէ։ Քահանան Տէրոջը առջեւ քաւութիւն ընէ անոր իր ծորումին համար։ Եթէ մարդու մը զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելլելու ըլլայ, իր բոլոր մարմինը ջրով պէտք է լուայ, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ Եւ ամէն հանդերձ ու ամէն մորթ՝ որուն վրայ զուգաւորութեան սերմ կայ, ջրով պէտք է լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուի։ Երբ մարդ մը կնոջը հետ զուգաւորուելու համար պառկի, անոնք երկուքն ալ ջրով պէտք է լուացուին, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր սեպուին։ Եթէ կին մը ծորում ունենայ ու անոր մարմնին ծորումը արիւն է, եօթը օր զատուած պէտք է կենայ եւ ամէն օր անոր դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ Անոր զատուած ատենը ինչ բանի վրայ, որ պառկի, այն բանը անմաքուր պիտի սեպուի եւ ի՛նչ բանի վրայ որ նստի, այն բանը անմաքուր պիտի սեպուի։ Անոր անկողնին դպչող ամէն մարդ իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ Ով որ դպչի բանի մը, որուն վրայ անիկա նստաւ, իր հանդերձները պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ Եւ անոր անկողնին դպչողը կամ բանի մը՝ որուն վրայ անիկա կը նստի, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ Եւ եթէ մարդ մը անոր հետ պառկի, այնպէս որ անոր պղծութիւնը իրեն դպչի, այն մարդը եօթը օր անմաքուր պիտի սեպուի եւ ամէն անկողին, որուն վրայ անիկա պառկի՝ անմաքուր պիտի սեպուի։ Կին մը՝ եթէ դաշտանին ատենը չեկած, իր արեանը ծորումը շատ օրեր վազէ կամ իր դաշտանէն աւելի վազելու ըլլայ, իր անմաքրութեանը ծորումին բոլոր օրերը իր դաշտանին օրերուն պէս պէտք է ըլլայ. անիկա անմաքուր է։ Անոր ծորումին բոլոր օրերը ամէն անկողին, որուն վրայ անիկա կը պառկի, իր դաշտանին անկողնին պէս պէտք է ըլլայ իրեն եւ ինչ բանի վրայ որ նստի, իր դաշտանին անմաքրութեանը պէս անմաքուր ըլլայ։ Եւ ամէն անոնց դպչողը անմաքուր ըլլայ ու իր հանդերձները պէտք է լուայ եւ ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի։ Եւ եթէ իր ծորումէն մաքրուի, այն ատեն եօթը օր պիտի համրէ ու անկէ յետոյ մաքուր ըլլայ։ Ութերորդ օրը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ իրեն ու վկայութեան խորանին դուռը քահանային բերէ զանոնք։ Եւ քահանան մէկը որպէս մեղքի պատարագ ու միւսը ողջակէզ թող ընէ եւ քահանան Տէրոջը առջեւ քաւութիւն թող ընէ անոր իր անմաքրութեանը ծորումին համար»։ Այսպէս Իսրայէլի որդիները իրենց անմաքրութենէն պիտի զգուշացնէք. որպէս զի իրենց մէջ եղած իմ խորանս պղծելով՝ իրենց անմաքրութեան պատճառաւ չմեռնին։ Ծորում ունեցողին եւ իրմէ զուգաւորութեան սերմը ելլելով անմաքուր եղողին Ու իր դաշտանով հիւանդ եղող կնոջ եւ ծորում ունեցող մարդուն կամ կնոջ ու անմաքուր կնոջ հետ պառկող մարդուն օրէնքը այս է։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ Ահարոնին երկու որդիներուն մեռնելէն ետքը, որոնք Տէրոջը առջեւ մօտեցան ու մեռան։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Խօսէ՛ քու եղբօրդ Ահարոնին, որ ամէն ատեն սուրբ տեղը, վարագոյրին ներսիդին, տապանակին վրայ եղած քաւութեան առջեւ չմտնէ, որպէս զի չմեռնի. վասն զի ամպի մէջ պիտի երեւնամ քաւութեան վրայ։ Ահարոն այս բաներով պէտք է մտնէ սրբարանը. մեղքի պատարագի համար՝ զուարակով մը եւ ողջակէզի համար՝ խոյով մը։ Կտաւէ սուրբ շապիկ պիտի հագնի եւ իր մարմնին վրայէն՝ կտաւէ վարտիք ու իր մէջքը կտաւէ գօտի կապէ եւ իր գլուխը կտաւէ խոյր դնէ։ Ասոնք սուրբ զգեստներ են. ուստի իր մարմինը ջրով թող լուայ, ապա զանոնք հագնի։ Եւ Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդէն մեղքի պատարագի համար այծերէն երկու նոխազ ու ողջակէզի համար մէկ խոյ պէտք է առնէ։ Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը պէտք է մատուցանէ եւ իրեն համար ու իր տանը համար քաւութիւն ընէ։ Երկու նոխազ պիտի առնէ ու Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը կեցնէ։ Ահարոն այդ երկու նոխազներուն վրայ վիճակ թող ձգէ. մէկ վիճակը՝ Տէրոջը համար ու միւս վիճակը՝ ազատ արձակուելիք նոխազին համար։ Ահարոն թող մօտեցնէ այն նոխազը, որուն վրայ Տէրոջը վիճակը ելաւ ու մեղքի պատարագ ընէ զանիկա։ Այն նոխազը, որուն վրայ ազատ արձակուելու վիճակը ելաւ, Տէրոջը առջեւ ողջ թող կեցնէ՝ որպէս զի անով քաւութիւն ընէ ու ազատ արձակելու համար դէպի անապատը ղրկէ։ Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը պէտք է մատուցանէ եւ իրեն համար ու իր տանը համար քաւութիւն ընէ եւ իր մեղքի պատարագին զուարակը մորթէ։ Եւ Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին վրայէն բուրվառը լեցուն կրակի կայծեր թող առնէ ու բարակ ծեծուած անուշահոտ խունկէն իր ձեռքերը լեցնէ ու վարագոյրէն ներս բերէ։ Խունկը կրակին վրայ թող դնէ Տէրոջը առջեւ ու խունկին մուխը վկայութեան վրայի քաւութիւնը պէտք է ծածկէ, որպէս զի չմեռնի։ Եւ զուարակին արիւնէն թող առնէ ու իր մատով քաւութեան վրայ արեւելեան կողմը սրսկէ եւ իր մատով արիւնէն քաւութեան առջեւ եօթը անգամ սրսկէ։ Ապա ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըլլալու նոխազը թող մորթէ ու անոր արիւնը վարագոյրէն ներս բերէ եւ ինչպէս զուարակի արիւնովը ըրաւ այնպէս ընէ ասոր արիւնովը, այսինքն քաւութեան վրայ ու քաւութեան առջեւ սրսկէ զայն։ Եւ սրբարանին համար քաւութիւն թող ընէ՝ Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն ու անոնց բոլոր մեղքերուն յանցանքներէն սրբելով զանիկա. այսպէս պէտք է ընէ վկայութեան խորանին համար ալ, որ անոնց հետ ու անոնց անմաքրութիւններուն մէջ կը կենայ։ Եւ սրբարանը քաւութիւն ընելու մտած ատեն, մինչեւ որ իրեն համար ու իր տանը համար եւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ ու դուրս ելլէ, վկայութեան խորանին մէջ մարդ մը պէտք չէ ըլլայ։ Ետքը Տէրոջը առջեւ եղած խորանէն դուրս ելլէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ եւ զուարակին արիւնէն ու նոխազին արիւնէն առնէ եւ սեղանին եղջիւրներուն վրայ շուրջանակի դնէ։ Եւ արիւնէն իր մատով եօթը անգամ անոր վրայ պէտք է սրսկէ ու Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն մաքրէ ու սուրբ ընէ զայն։ Եւ սրբարանին ու վկայութեան խորանին եւ սեղանին համար քաւութիւն ընելը լմնցնելէն ետքը, ողջ նոխազը պէտք է մօտեցնէ Եւ Ահարոն իր երկու ձեռքերը ողջ նոխազին գլխուն վրա թող դնէ ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անօրէնութիւնները եւ անոնց բոլոր յանցանքները եւ բոլոր մեղքերը թող խոստովանի անոր վրայ եւ զանոնք նոխազին գլխուն վրայ դնելով՝ յարմար մարդու մը ձեռքով անապատը ղրկէ։ Նոխազը անոնց բոլոր անօրէնութիւնները իր վրայ առած ՝ անբնակ երկիր մը թող տարուի եւ մարդը անապատին մէջ թող արձակէ նոխազը։ Ահարոն վկայութեան խորանը թող մտնէ ու սրբարանը մտնելու ժամանակ հագած կտաւէ հանդերձները հանէ եւ զանոնք հոն դնէ։ Եւ սուրբ տեղը իր մարմինը ջրով թող լուայ ու իր հանդերձները հագնի ու ելլէ իր ողջակէզը ու ժողովուրդին ողջակէզը մատուցանէ ու իրեն համար եւ ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ։ Եւ մեղքին պատարագին ճարպը սեղանին վրայ թող այրէ։ Եւ ան որ նոխազը արձակելու տարաւ, իր հանդերձները թող լուայ ու իր մարմինը ջրով լուայ, ապա բանակը մտնէ։ Եւ այն մեղքին պատարագին զուարակը ու մեղքին պատարագին նոխազը, որոնց արիւնը քաւութիւն ընելու համար սուրբ տեղը բերուեցան, բանակէն դուրս թող հանեն եւ անոնց մորթերն ու անոնց միսերը եւ անոնց աղբը կրակով այրեն։ Զանոնք այրողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու մարմինը ջրով լուայ, ապա բանակը մտնէ։ Եւ այս ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ, որ եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասներորդ օրը ձեր անձերը պէտք է խոնարհեցնէք ու բնաւ գործ մը չգործէք, թէ՛ բնիկը եւ թէ՛ ձեր մէջ գտնուող օտարականը։ Քանզի այն օրը քահանան ձեզի քաւութիւն պիտի կատարէ ձեզ մաքրելու համար, որպէս զի ձեր բոլոր մեղքերէն մաքրուիք Տէրոջը առջեւ։ Այն՝ ձեզի հանգստութեան շաբաթ պիտի ըլլայ եւ յաւիտենական կանոնով մը պիտի խոնարհեցնէք ձեր անձերը։ Եւ իր հօրը տեղը քահանայութիւն ընելու համար օծուած ու օրհնուած քահանան քաւութիւն պիտի ընէ եւ հագնի կտաւէ հանդերձներ, այսինքն սուրբ հանդերձներ Եւ սուրբ տեղին համար քաւութիւն պիտի ընէ եւ վկայութեան խորանին համար ու սեղանին համար քաւութիւն ընէ եւ քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ։ Եւ ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն համար իրենց բոլոր մեղքերուն քաւութիւն ընելու՝ տարին անգամ մը»։ Եւ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ու ըսէ անոնց. Այս բանն է, որ Տէրը պատուիրեց, ըսելով. Իսրայէլի տունէն ով որ արջառ մը կամ ոչխար մը եւ կամ այծ մը բանակին մէջ մորթէ, կամ բանակէն դուրս մորթէ Եւ Տէրոջը խորանին առջեւ Տէրոջը զոհ մատուցանելու համար վկայութեան խորանին առջեւ չբերէ, արիւնապարտութիւն պիտի սեպուի այն մարդուն. անիկա արիւն թափած է ու այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, Որպէս զի Իսրայէլի որդիները այն զոհերը որոնք հիմա դաշտի մէջ կը մորթեն, Տէրոջը բերեն, այսինքն վկայութեան խորանին դուռը՝ քահանային բերեն եւ խաղաղութեան զոհերու համար զանոնք Տէրոջը զոհեն։ Եւ քահանան պէտք է սրսկէ արիւնը վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը սեղանին վրայ ու ճարպը անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջը առջեւ։ Եւ իրենց զոհերը ա՛լ թող չզոհեն դեւերուն, որոնց ետեւէն երթալով պոռնկութիւն ըրին։ Ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն պէտք է ըլլայ իրենց սերունդին մէջ։ Եւ ըսէ՛ անոնց, Եթէ Իսրայէլի տունէն մէկը կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ողջակէզ կամ զոհ մատուցանելու ըլլայ Եւ զանիկա Տէրոջը մատուցանելու համար վկայութեան խորանին դուռը չբերէ, այն մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի։ Եթէ Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականներէն մարդ մը ոեւէ արիւն ուտելու ըլլայ, ես այն արիւն ուտող անձին դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կոսնցնեմ. Վասն զի մարմնին կենդանութիւնը արեան մէջ է եւ ես ձեզի տուի զայն, որպէս զի սեղանին վրայ ձեր հոգիներուն համար քաւութիւն ընէք. քանզի հոգիին համար քաւութիւն ընողը արիւնն է։ Անոր համար Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Ձեզմէ մէ՛կը արիւն չուտէ. ձեր մէջ պանդխտացած օտարականն ալ արիւն չուտէ՛’։ Եթէ Իսրայէլի որդիներէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած օտարականէն մէկը ուտուելու անասուն կամ թռչուն մը որսալու ըլլայ, անոր արիւնը պէտք է թափէ ու հողով ծածկէ զայն։ Վասն զի ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է։ Անիկա է բուն կենդանութիւնը, ուստի Իսրայէլի որդիներուն ըսի. ‘Բնաւ մարմնի մը արիւնը չուտէք’, քանզի ոեւէ մարմնի կենդանութիւնը իր արիւնն է. ով որ ուտէ՝ պէտք է կորսուի։ Եւ բնիկներէն կամ օտարականներէն՝ դիակ կամ գիշատուած ուտող ոեւէ մարդ իր լաթերը պէտք է լուայ ու ինք ջրով լուացուի, բայց մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ ու ետքը մաքուր սեպուի. Բայց եթէ չլուայ զանոնք եւ իր մարմինը չլուայ, այն ատեն իր անօրէնութիւնը պէտք է կրէ»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը։ Մի՛ ընէք այնպէս, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ կ’ընէին, ուր ժամանակ մը կ’ապրէիք, ո՛չ ալ ինչպէս Քանանի երկրին մէջ կ’ընեն, ուր ձեզ պիտի տանիմ, մի՛ ընէք ու անոնց կանոններուն համեմատ մի՛ քալէք։ Իմ պատուիրանքներս կատարեցէ՛ք եւ իմ կանոններս պահեցէք, որպէս զի անոնցմով քալէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։ Ուստի իմ կանոններս ու իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք, որոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի։ Ես եմ Տէրը։ Բնաւ մէկը իր մօտ ազգականին թող չմօտենայ՝ անոր մերկութիւնը բանալու համար։ Ես եմ Տէրը։ Քու հօրդ մերկութիւնը կամ քու մօրդ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու մայրդ է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար. Քու հօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու հօրդ մերկութիւնն է։ Քու հօրդ աղջկան կամ քու մօրդ աղջկան, քու քրոջդ մերկութիւնը, տանը մէջ ծնած ըլլայ թէ դուրսը, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։ Քու որդիիդ աղջկան կամ քու աղջկանդ աղջկան մերկութիւնը՝ անոնց մերկութիւնը քուկդ է։ Քու հօրդ կնոջ աղջկան մերկութիւնը, քու հօրմէդ ծնած քու քոյրդ ըլլալով, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։ Քու հօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու հօրդ ազգականն է։ Քու մօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար, վասն զի անիկա քու մօրդ ազգականն է։ Քու հօրդ եղբօր մերկութիւնը մի՛ բանար, անոր կնոջ մի՛ մօտենար. անիկա քու հօրաքոյրդ կը համարուի ։ Քու հարսիդ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու որդիիդ կինն է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։ Քու եղբօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. անիկա քու եղբօրդ մերկութիւնն է։ Կնոջ մը ու անոր աղջկան մերկութիւնը մի՛ բանար եւ անոր որդիին աղջիկը կամ անոր աղջկան աղջիկը մի՛ առներ՝ անոնց մերկութիւնը բանալու համար, անոնք անոր ազգականներն են. անօէնութիւն կ’ըլլայ։ Կին մը իր քրոջ հետ մի՛ առներ զանիկա իր կենդանութեան ատենը վշտացնելու համար՝ միւսին մերկութիւնը բանալով։ Իր անմաքրութեանը ատեն զատուած կնոջ մը մի՛ մօտենար՝ անոր մերկութիւնը բանալու։ Եւ զուգաւորութեան համար քու դրացիիդ կնոջը հետ մի՛ պառկիր, անոր հետ պղծուելով։ Քու սերունդէդ Մողոքի համար կրակէ անցընել մի՛ թողուր եւ քու Աստուծոյդ անունը մի՛ պղծեր։ Ես եմ Տէրը։ Եւ արուի հետ՝ կնոջ հետ պառկելու պէս մի՛ պառկիր՝ պղծութիւն է այդ։ Բնաւ անասունի մը հետ մի՛ զուգաւորուիր, անոր հետ պղծուելով ու բնաւ կին մը անասունի առջեւ չկայնի՝ անոր հետ զուգաւորուելու։ Գարշութիւն է այդ։ Ասոնցմէ ոեւէ մէկով բնաւ մի՛ պղծուիք, վասն զի ասոնցմով պղծուեցան այն ազգերը, որոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ։ Այն երկրին պղծուելովը՝ անոր անզգամութիւնը պիտի պատժեմ ու այն երկիրը իր բնակիչները պիտի փսխէ։ Ուստի դուք իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու այս պղծութիւններէն մէ՛կն ալ մի՛ ընէք, ո՛չ բնիկը, ո՛չ ալ ձեր մէջ պանդխտացող օտարականը. Որովհետեւ ձեզմէ առաջ եղած այն երկրին մարդիկը այս բոլոր պղծութիւնները ըրին ու այն երկիրը պղծուեցաւ։ Ուրեմն զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ այն երկիրը ձեզ ալ դուրս փսխէ զայն պղծած ատեննիդ, ինչպէս ձեզմէ առաջ եղած ազգերը փսխեց։ Քանզի ով որ այս պղծութիւններէն ոեւէ մէկը ընելու ըլլայ, զայն ընող անձերը իրենց ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուին։ Ուստի իմ հրամաններս պահեցէ՛ք, որպէս զի ձեզմէ առաջ գործուած պիղծ սովորութիւններէն մէ՛կը չընէք ու անոնցմով չպղծուիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ու ըսէ՛ անոնց. ‘Դուք սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Եհովա Աստուածը, սուրբ եմ’։ Ամէն մարդ իր մայրն ու իր հայրը պէտք է յարգէ եւ իմ շաբաթներս պէտք է պահէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Կուռքերուն մի՛ դառնաք եւ ձեզի ձուլածոյ աստուածներ մի՛ շինէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Եթէ խաղաղութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս մատուցանեցէք, որ ընդունելի ըլլայ։ Զոհը մատուցուած օրը եւ հետեւեալ օրն ալ կրնայ ուտուիլ, իսկ երրորդ օրուան մնացածը կրակով պէտք է այրուի։ Եւ եթէ երրորդ օրը անկէ ուտուելու ըլլայ, անիկա պիղծ է, պիտի չընդունուի։ Եւ զայն ուտողը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ, վասն զի Տէրոջը սուրբ բանը պղծեց, ուստի այն անձը իր ժողովուրդէն պէտք է կորսուի։ Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք՝ արտին եզերքը լման մի՛ հնձէք ու հունձքէն ինկած հասկերը մի՛ հաւաքէք։ Ձեր այգիին ճռաքաղ մի՛ ընէք, այսինքն՝ այգիին մէջ մնացած ողկոյզները մի՛ քաղէք, զանոնք աղքատին ու օտարականին համար թողուցէք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Գողութիւն մի՛ ընէք. սուտ մի՛ խօսիք եւ իրար մի՛ խաբէք։ Եւ իմ անունովս սուտ տեղը երդում մի՛ ընէք ու ձեր Աստուծոյն անունը մի՛ պղծէք։ Ես եմ Տէրը։ Քու դրացիիդ զրկանք մի՛ ըներ եւ յափշտակութիւն մի՛ ըներ. վարձքով բանողին օրական վարձքը մէկ գիշեր մինչեւ առտու թող ձեր քով չմնայ։ Խուլին մի՛ հայհոյէք ու կոյրին առջեւ խոչնդոտ մի՛ դնէք, հապա ձեր Աստուծմէն վախցէ՛ք։ Ես եմ Տէրը։ Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք. ձեր դրացին արդարութիւնով դատեցէ՛ք։ Ձեր ժողովուրդին մէջ չարախօսութիւն ընելու մի՛ պտըտիք. ձեր ընկերին արիւնը մի՛ մտնէք. Ես եմ Տէրը։ Եղբայրդ քու սրտիդ մէջ մի՛ ատեր. քու դրացիդ անպատճառ յանդիմանէ՛, որպէս զի անոր համար մեղք չկրես։ Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛։ Ես եմ Տէրը։ Իմ կանոններս պահեցէ՛ք. քու անասունիդ մէկ տեսակը ուրիշ տեսակի հետ զուգաւորել մի՛ տար. քու արտիդ մէջ զանազան սերմ մի՛ ցաներ եւ երկու նիւթէ գործուած այլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր։ Եթէ մէկը գերի կնոջ մը հետ պառկելով զուգաւորութիւն ընէ ու անիկա մէկու մը նշանուած ըլլայ, բայց դեռ փրկուած չըլլայ, ոչ ալ անոր ազատութիւն տրուած ըլլայ, անոնք պէտք է հարցաքննուին. անոնք պիտի չմեռցուին, վասն զի կինը ազատ չէր։ Բայց մարդը իր յանցանքին պատարագը Տէրոջը թող բերէ վկայութեան խորանին դուռը, խոյ մը յանցանքի պատարագի համար։ Քահանան յանցանքի պատարագին խոյովը Տէրոջը առջեւ քաւութիւն թող ընէ անոր իր ըրած մեղքին համար եւ անոր ըրած մեղքը թող ներուի իրեն։ Երբ այն երկիրը մտնէք ու ամէն տեսակ ծառեր տնկէք՝ պտուղը ուտելու համար, այն ատեն անոր պտուղը չթլփատուածի պէս անմաքուր պէտք է սեպէք. անիկա ձեզի երեք տարի չթլփատուածի պէս սեպուելով պէտք չէ ուտուի։ Եւ չորրորդ տարին անոր բոլոր պտուղը Տէրը փառաւորելու համար սուրբ պիտի ըլլայ։ Բայց հինգերորդ տարին անոր պտուղը կրնաք ուտել, որպէս զի իր արդիւնքը ձեզի համար աւելցնէ։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Միսը արիւնով մի՛ ուտէք. մի՛ հմայէք եւ գուշակութիւն մի՛ ընէք։ Ձեր գլուխներուն եզերքի մազերը մի՛ կտրէք ու ձեր մօրուքին եզերքը մի՛ աւրէք։ Եւ մէկուն սուգին համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ մի՛ ընէք ու ձեր վրայ գրի նշան մի՛ ընէք։ Ես եմ Տէրը։ Աղջիկդ պոռնիկ ընելով մի՛ պղծեր, որպէս զի երկիրը պոռնկութեան մէջ չիյնայ ու երկիրը չարութիւնով չլեցուի։ Իմ շաբաթներս պահեցէ՛ք ու իմ սրբարանս յարգեցէ՛ք։ Ես եմ Տէրը։ Վհուկներուն մի՛ նայիք եւ հմայողներուն բան մի՛ հարցնէք, որպէս զի անոնցմով չպղծուիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Մազը ճերմկածին առջեւ ոտքի ելի՛ր եւ ծերը պատուէ՛ ու քու Աստուծմէդ վախցի՛ր։ Ես եմ Տէրը։ Եթէ օտարական մը ձեր երկրին մէջ ձեր քով պանդխտանալու ըլլայ, մի՛ նեղէք զանիկա։ Ձեր քով պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա, վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ ընէք. կանգունի մէջ, կշիռքի մէջ ու չափի մէջ ալ։ Ձեր կշիռքները լման, ձեր կշիռքի քարերը լման, ձեր արդուն լման ու հիմէնը լման թող ըլլայ։ Ձեզ Եգիպտոսէն հանող Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ես եմ։ Ուստի իմ բոլոր կանոններս ու իմ բոլոր կարգադրութիւններս պահեցէ՛ք եւ կատարեցէ՛ք զանոնք։ Ես եմ Տէրը»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Նաեւ Իսրայէլի որդիներուն ըսէ՛. Իսրայէլի որդիներէն եւ Իսրայէլի մէջ պանդխտացող օտարականներէն ով որ իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տայ, անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Երկրին ժողովուրդը քարերով թող քարկոծեն զանիկա։ Եւ ես այն մարդուն դէմ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն կորսնցնեմ, վասն զի անիկա իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տուած է՝ իմ սրբարանս պղծելու ու իմ սուրբ անունս անարգելու համար։ Եւ եթէ այն մարդը իր զաւակներէն մէկը Մողոքին տուած ատենը, երկրին ժողովուրդը չտեսնել ձեւացնելով զանիկա չմեռցնեն, Այն ատեն ես այն մարդուն ու անոր ընտանիքին դէմ պիտի ըլլամ եւ զանիկա ու Մողոքին հետ պոռնկութիւն ընելու համար այն մարդուն ետեւէն բոլոր գացողները իրենց ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ։ Եթէ մէկը վհուկներուն եւ հմայողներուն դառնայ՝ անոր դէմ ալ պիտի ըլլամ ու զանիկա իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ, Ուստի սրբեցէ՛ք ձեր անձերը ու սուրբ եղէ՛ք, քանզի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Իմ կանոններս պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք զանոնք։ Ես եմ Տէրը, որ ձեզ կը սրբեմ։ Ով որ իր հայրը կամ իր մայրը անիծէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի. անիկա իր հայրը կամ իր մայրը անիծեց։ Անոր արիւնը իր վրայ ըլլայ։ Եւ ով որ ուրիշ մարդու մը կնոջ հետ շնութիւն ընէ, կամ իր դրացիին կնոջ հետ շնութիւն ընողը, անշուշտ պէտք է մեռցուի. շնացողն ալ շնացեալն ալ՝ պէտք է մեռցուին ։ Եւ ով որ իր հօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրը մերկութիւնը բացած կ’ըլլայ։ Անշուշտ երկուքն ալ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։ Եւ եթէ մարդ մը իր հարսին հետ պառկի, անշուշտ երկուքն ալ պէտք է մեռցուին։ Գարշելի գործ ըրին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։ Եւ եթէ մարդ մը իր կնոջ հետ պառկելու պէս արուի հետ պառկի, երկուքն ալ պղծութիւն ըրին. անշուշտ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։ Եւ եթէ մարդ մը՝ կին մը ու անոր մայրը առնէ, անօրէնութիւն կ’ընէ։ Մարդն ալ, կիներն ալ կրակով պէտք է այրուին, որպէս զի ձեր մէջ անօրէնութիւն չըլլայ։ Եւ եթէ մարդ մը անասունի հետ պառկի, անշուշտ պէտք է մեռցուի ու անասունն ալ պէտք է սպաննէք։ Եւ եթէ կին մը որեւիցէ անասունի հետ զուգաւորուելու համար անոր մօտենայ, կինն ալ, անասունն ալ պէտք է սպաննուին։ Անոնք անշուշտ պէտք է մեռցուին։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։ Եւ եթէ մարդ մը իր քոյրը առնէ, իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը ու անոր մերկութիւնը տեսնէ ու աղջիկն ալ անոր մերկութիւնը տեսնէ, չարութիւն կ’ըլլայ. անոնք իրենց ժողովուրդին աչքին առջեւ պէտք է կորսուին։ Անիկա իր քրոջ մերկութիւնը բացաւ. իր անօրէնութեան պատիժը պէտք է կրէ։ Եւ եթէ մարդ մը իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ մը հետ պառկի ու անոր մերկութիւնը բանայ, ինք անոր աղբիւրը բացաւ, կինն ալ իր արեան աղբիւրը բացաւ. երկուքն ալ իրենց ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուին։ Քու մօրդ քրոջ կամ քու հօրդ քրոջ մերկութիւնը չբանաս. վասն զի եթէ մէկը իր ազգականին մերկութիւնը բանալու ըլլայ, երկուքն ալ իրենց անօրէնութեան պատիժը պէտք է կրեն։ Եւ եթէ մարդ մը իր հօրեղբօրը կնոջ հետ պառկի, իր հօրեղբօր մերկութիւնը բացած կ’ըլլայ։ Անոնք իրենց մեղքին պատիժը պիտի կրեն եւ անզաւակ մեռնին։ Եւ եթէ մարդ մը իր եղբօրը կինը առնէ, պղծութիւն է ան։ Անիկա իր եղբօրը մերկութիւնը կը բանայ։ Անզաւակ պիտի ըլլան։ Ուստի իմ բոլոր կանոններս եւ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք զանոնք, որպէս զի այն երկիրը, ուր ձեզ պիտի տանիմ բնակելու, դուրս չփսխէ ձեզ։ Մի՛ քալէք այն ազգերուն սովորութիւններովը, որոնք ձեր առջեւէն պիտի վռնտեմ. քանզի այս ամէն բաները ըրին անոնք ու ես զզուեցայ անոնցմէ Եւ ըսի ձեզի. ‘Անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք ու ես զանիկա ձեզի պիտի տամ իբր ստացուածք, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի’։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ բոլոր ազգերէն զատեցի ձեզ։ Ուստի մաքուր ու անմաքուր անասուններուն մէջտեղ եւ մաքուր ու անմաքուր թռչուններուն մէջտեղ տարբերութիւն պէտք է դնէք եւ ձեր անձերը մի՛ պղծէք անասուններով կամ թռչուններով կամ գետնի վրայի ոեւէ սողունով, որոնք ե՛ս զատեցի ձեզի իբրեւ անմաքուր։ Եւ դուք սուրբ պիտի ըլլաք ինծի. քանզի ես՝ Տէրս՝ սուրբ եմ ու ձեզ միւս ազգերէն զատեցի, որպէս զի իմս ըլլաք։ Վհուկ կամ հմայող եղողը, թէ՛ այր ըլլայ թէ՛ կին, անշուշտ պէտք է մեռցուի. քարերով թող քարկոծեն զանոնք։ Անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ»։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Խօսէ՛ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ ու ըսէ անոնց. Քահանայ մը մէկուն մահուանը համար թող անմաքուր չըլլայ իր ժողովուրդին մէջ. Բայց միայն իր մօտ ազգականին համար, այսինքն իր մօրն ու հօրը եւ իր որդիին ու իր աղջկան եւ իր եղբօրը համար Եւ իր կոյս քրոջ համար, որ մօտն է ու էրկան տրուած չէ, կրնայ անմաքուր ըլլայ։ Անիկա իր ժողովուրդին մէջ գլխաւոր մարդ ըլլալով, անմաքուր թող չըլլայ՝ ինքզինք պղծելով։ Անոնք գլուխնին փետտելով թող կնտակ չըլլան եւ իրենց մօրուքին եզերքը չարծիլեն ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ չընեն։ Սուրբ թող ըլլան իրենց Աստուծոյն եւ իրենց Աստուծոյն անունը թող չպղծեն, վասն զի Տէրոջը պատարագներն ու իրենց Աստուծոյն հացը իրենք կը մատուցանեն. ուստի սուրբ պէտք է ըլլան։ Պոռնիկ կամ պղծուած կին թող չառնեն եւ իր այրէն արձակուած կին մը չառնեն. վասն զի քահանան սուրբ է իր Աստուծոյն։ Ուստի սրբէ՛ զանիկա, վասն զի քու Աստուծոյդ հացը ան կը մատուցանէ. ան սուրբ ըլլայ քեզի, քանզի ես Տէրս, որ ձեզ կը սրբեմ, սուրբ եմ։ Եւ եթէ քահանայի մը աղջիկը պոռնկութիւն ընելով պղծուելու ըլլայ, իր հայրը պղծուած կ’ըլլայ. անիկա կրակով պէտք է այրուի։ Իր եղբայրներէն մեծ եղող քահանան, որուն գլխուն վրայ օծման իւղը թափուած է ու օրհնուած է զգեստներ հագնելու, իր գլուխը պէտք չէ բանայ եւ իր լաթերը պէտք չէ պատռէ Եւ մեռած մարդու մը քով պէտք չէ երթայ, ո՛չ ալ իր հօրը կամ իր մօրը համար անմաքուր ըլլայ։ Եւ սրբարանէն դուրս պէտք չէ ելլէ ու իր Աստուծոյն սրբարանը պէտք չէ պղծէ, վասն զի իր Աստուծոյն օծման իւղին պսակը իր վրայ է։ Ես եմ Տէրը։ Եւ անիկա կոյս մը կնութեան պէտք է առնէ։ Որբեւարի կամ արձակուած կամ պղծուած կամ բոզ պէտք չէ առնէ. հապա իր ժողովուրդէն կոյս մը առնելու է իբր կին, Որպէս զի իր սերմը չպղծէ իր ժողովուրդին մէջ, վասն զի ես եմ Տէրը, որ կը սրբեմ զանիկա»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ. Քու սերունդէդ իրենց ազգերուն մէջ ով որ իր վրայ արատ մը ունենայ, թող չմօտենայ Աստուծոյն հացը մատուցանելու. Վասն զի արատ ունեցող մարդ մը բնաւ պէտք չէ մօտենայ. կոյր մարդը, կաղը, կամ կարճունչը, կամ իր անդամներուն մէջ աւելորդ բան մը ունեցողը՝ ՝, Կամ ոտքը կոտրած, կամ ձեռքը կոտրած մարդը, Կամ սապատողը, կամ թզուկը, կամ իր աչքին մէջ բիծ ունեցողը, կամ քոսոտը, կամ որքիւնոտը, կամ փոշտանկը. Ահարոն քահանային սերունդէն արատ մը ունեցող մարդը Տէրոջը պատարագները մատուցանելու պէտք չէ մօտենայ, քանզի արատաւոր ըլլալով՝ իր Աստուծոյն հացը մատուցանելու պէտք չէ մօտենայ։ Անիկա իր Աստուծոյն հացը պիտի ուտէ, թէ՛ սրբութիւն սրբութեանց բաներէն եւ թէ՛ սուրբ բաներէն. Միայն վարագոյրին կամ սեղանին պէտք չէ մօտենայ, վասն զի արատ ունի, որ իմ սուրբ բաներս չպղծէ, քանզի զանոնք սրբող Տէրը՝ ես եմ»։ Եւ Մովսէս խօսեցաւ այս բաները Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ որ Իսրայէլի որդիներուն մատուցուած սուրբ բաներէն զգոյշ կենան եւ իմ սուրբ անունս չպղծեն այն բաներով, որոնք ինծի կը նուիրեն։ Ես եմ Տէրը։ Ըսէ՛ անոնց. ‘Ձեր բոլոր սերունդէն ձեր ազգերուն մէջ՝ ով որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով մօտենայ այն սուրբ բաներուն, որոնք Իսրայէլի որդիները կը նուիրեն Տէրոջը, այն անձը իմ առջեւէս պէտք է կորսուի։ Ես եմ Տէրը։ Ով որ Ահարոնի ցեղէն բորոտ ըլլայ, կամ ծորում ունենայ, սուրբ բաներէն պէտք չէ ուտէ մինչեւ իր մաքրուիլը եւ ով որ մեռելէ պղծուած բանի մը դպչի կամ մարդ մը, որուն զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելած է, Կամ ով որ դպչի ոեւէ սողունի մը որով կրնայ անմաքուր ըլլալ, կամ մարդու մը որմէ կրնայ անմաքուր ըլլալ, ոեւէ անմաքրութիւն որ անիկա կրնայ ունենալ, Ասոնց դպչող մարդը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պէտք է սեպուի եւ սուրբ բաներէն չուտէ, հապա իր մարմինը ջրով լուայ։ Բայց երբ արեգակը մարը մտնէ, մաքուր պէտք է սեպուի ու ետքը սուրբ բաներէն ուտէ, վասն զի անիկա իր հացն է։ Անիկա մեռած մը կամ գազանէ պատառուած մը պէտք չէ ուտէ, որպէս զի անով չպղծուի։ Ես եմ Տէրը։ Ուստի իմ պատուիրանքներս պէտք է պահեն, որպէս զի անոր համար մեղք չգործեն ու զայն պղծելնուն համար չմեռնին։ Ես եմ Տէրը, որ զանոնք կը սրբեմ։ Ոեւէ օտարական սուրբ բանէ պէտք չէ ուտէ. քահանային հիւրը կամ վարձկանն ալ սուրբ բանէ պէտք չէ ուտէ։ Բայց քահանային իր ստակով ծախու առած անձը ու իր տունը ծնածը անկէ կրնան ուտել։ Անոնք իր կերակուրէն կրնան ուտել։ Եթէ քահանային աղջիկը օտարականի մը հետ ամուսնանայ, անիկա նուիրուած սուրբ բաներէն պէտք չէ ուտէ։ Բայց եթէ քահանային աղջիկը որբեւարի կամ արձակուած ըլլայ ու զաւակ չունենայ եւ իր հօրը տունը դարձած ըլլայ, այն ատեն իր աղջկութեան ժամանակին պէս իր հօրը հացէն կրնայ ուտել, սակայն օտարական մը անկէ բնաւ պէտք չէ ուտէ։ Եթէ մարդ մը չգիտնալով սուրբ բանէ մը ուտէ, անոր վրայ արժէքին մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ ու սուրբ բանովը մէկտեղ քահանային տայ. Քահանան Իսրայէլի որդիներուն Տէրոջը մատուցուած սուրբ բաները պէտք չէ պղծէ Ու իրենց սուրբ բաները ուտելով՝ յանցանքի անօրէնութիւնը իրենց վրայ պէտք չէ բերէն՝ ՝, վասն զի ես եմ Տէրը, որ զանոնք կը սրբեմ’»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ բնակող օտարականներէն մէկը իր զոհը ներկայացնէ որպէս ուխտի հատուցում կամ իբր կամաւոր ընծայ, որ Աստուծոյ մատուցուի որպէս ողջակէզ, Պէտք է արու եւ անարատ արջառ մը, ոչխար մը կամ այծ մը ըլլայ, որպէս զի ընդունելի ըլլայ։ Արատ ունեցող մը բնաւ մի՛ մատուցանէք, վասն զի ընդունելի չըլլար։ Եւ ուխտ կատարելու համար կամ կամաւոր ընծայի համար, ով որ արջառներէն կամ ոչխարներէն Տէրոջը խաղաղութեան զոհ մատուցանելու ըլլայ, մատուցուածը անարատ պէտք է ըլլայ, որպէս զի ընդունուի. բնաւ արատ մը պէտք չէ ըլլայ անոր վրայ։ Կոյր կամ մէկ կողմը կոտրած կամ կտրուած կամ խաղաւարտ ունեցող կամ քոսոտ կամ որքիւնոտ եղածներէն Տէրոջը պէտք չէ մատուցանէք, ոչ ալ ասոնցմէ Տէրոջը պատարագի համար սեղանին վրայ պէտք է դնէք։ Բայց անդամներուն մէջ աւելորդ մաս մը կամ պակասութիւն ունեցող զուարակը կամ ոչխարը կամաւոր ընծայի համար կրնաք մատուցանել, սակայն ուխտի համար պիտի չընդունուի այն։ Ամորձիքը ճմլուածը կամ ճզմուածը կամ փրցուածը կամ կտրուածը մի՛ մատուցանէք Տէրոջը եւ ձեր երկրին մէջ մի՛ ընէք այս բաները ։ Եւ օտարականի մը ձեռքէն ալ՝ ասոնցմէ ոեւէ մէկը ձեր Աստուծոյն պատարագ մի՛ մատուցանէք, վասն զի անոնց մէջ խեղութիւն ու արատ կայ։ Անոնք ընդունելի պիտի չըլլան»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Երբ զուարակ կամ ոչխար կամ այծ ծնի, եօթը օր իր մօրը քով թող մնայ եւ ութերորդ օրը ու անկէ յետոյ Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ պատարագի ընծայի համար։ Եւ կովը կամ ոչխարը իր ձագով մէկտեղ մէկ օրուան մէջ մի՛ մորթէք։ Եւ երբ գոհութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջը, այնպէս պէտք է մատուցանէք, որ ձեզի համար ընդունելի ըլլայ. Նոյն օրը պէտք է ուտուի անիկա, անկէ մինչեւ առտու մի՛ թողուք։ Ես եմ Տէրը։ Ուստի իմ պատուիրանքներս պէտք է պահէք եւ կատարէք զանոնք։ Ես եմ Տէրը։ Եւ իմ սուրբ անունս մի՛ պղծէք, որպէս զի ես սրբուիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Ես եմ Տէրը, որ ձեզ կը սրբեմ, Որ ձեզի Աստուած ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Ես եմ Տէրը»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Տէրոջը տօները որոնք դուք սուրբ ժողով պիտի կոչէք՝ հետեւեալներն են. Վեց օր գործ կրնաք կատարել, բայց եօթներորդ օրը հանգստութեան շաբաթ ըլլալով՝ սուրբ պէտք է պահուի։ Բնաւ գործ մի՛ գործէք. Տէրոջը շաբաթ պիտի ըլլայ ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։ Տէրոջը տօները, որոնք իրենց սահմանուած ատենին սուրբ ժողովներ պիտի գումարէք, ասոնք են։ Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ Տէրոջը զատիկն է։ Եւ նոյն ամսուան տասնըհինգերորդ օրը բաղարջակերաց տօնն է Տէրոջը։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտէք։ Առաջին օրը սուրբ ժողով պիտի ունենաք. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։ Եւ եօթը օր պատարագ պիտի մատուցանէք Տէրոջը. եօթներորդ օրը սուրբ ժողով պիտի ըլլայ. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ մտնէք այն երկիրը, որ ձեզի պիտի տամ ու անոր հունձքը հնձէք, ձեր հունձքէն երախայրի որայ մը քահանային պէտք է բերէք. Ան ալ Տէրոջը առջեւ երերցնելով պէտք է մատուցանէ որան, որպէս զի ձեզի համար ընդունելի ըլլայ։ Քահանան շաբաթին հետեւեալ օրը պէտք է մատուցանէ զայն։ Երբ որան մատուցանէք՝ ողջակէզի համար, մէկ տարեկան անարատ գառ մըն ալ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը։ Անոր հացի ընծան իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։ Ասիկա անուշահոտ պատարագի համար է Տէրոջը եւ անոր թափելու նուէրը հիմէնին մէկ չորրորդը գինի պէտք է ըլլայ։ Մինչեւ այն օրը, երբ ձեր Աստուծոյն ընծան կը մատուցանէք, հաց կամ բոհրած ցորեն կամ թարմ հասկեր մի՛ ուտէք. ձեր սերունդներուն մէջ եւ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ այս ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ Շաբաթին հետեւեալ օրէն՝ որ դուք նուիրման որան բերիք, լման եօթը շաբաթ պէտք է համրէք. Մինչեւ եօթներորդ շաբաթին հետեւեալ օրը յիսուն օր պէտք է համրէք եւ ապա նոր հացի ընծայ մատուցանէք Տէրոջը։ Ձեր բնակարաններէն՝ երերցնելու ընծայի համար երկու հաց պէտք է բերէք, որոնք երկու տասնորդ բարակ ալիւրէ ըլլալով խմորեալ եփուած պիտի ըլլան. ասիկա երախայրի է Տէրոջը։ Եւ հացին հետ մէկ տարեկան եօթը հատ անարատ գառ եւ արջառներէն մէկ զուարակ ու երկու խոյ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը, որոնք հացի ընծաներուն ու թափելու նուէրներուն հետ ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ պիտի ըլլան Տէրոջը։ Եւ մեղքի պատարագին համար այծերէն մէկ նոխազ եւ խաղաղութեան զոհի համար մէկ տարեկան երկու գառներ պէտք է մատուցանէք։ Եւ քահանան երախայրի հացին հետ երերցնելու ընծայի համար երկու գառ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը առջեւ։ Անոնք սուրբ պիտի ըլլան Տէրոջը եւ քահանային պիտի ըլլան։ Նոյն օրը պիտի քարոզէք, որ ձեզի սուրբ ժողովի օր ըլլայ. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք. ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ, ձեր սերունդներուն մէջ։ Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք, հնձած ատեննիդ արտին եզերքը լման մի՛ հնձէք ու հունձքին մնացած հասկերը մի՛ հաւաքէք. զանոնք աղքատին ու օտարականին թողուցէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը ձեզի հանգստութեան օր, փող հնչեցնելուն յիշատակ, սուրբ ժողովի օր թող ըլլայ։ Բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք, հապա պատարագ մատուցանէք Տէրոջը»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Նաեւ այս եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը քաւութեան օրը ըլլալով՝ սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի եւ պէտք է խոնարհեցնէք ձեր հոգիները ու պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։ Այն օրը բնաւ գործ պէտք չէ գործէք, վասն զի Տէրոջը՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ ձեզի համար քաւութիւն ընելու՝ քաւութեան օր է։ Քանզի ով որ նոյն օրը չխոնարհի, իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի Եւ ով որ նոյն օրը գործ մը գործէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ։ Բնաւ գործ մը պէտք չէ գործէք. ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ եւ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ Այս ձեզի հանգստութեան շաբաթ թող ըլլայ եւ ձեր հոգիները պէտք է խոնարհեցնէք։ Ամսուան իններորդ օրուան իրիկունը ձեր շաբաթը պիտի պահէք իրիկուընէ մինչեւ իրիկուն»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Այս եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրէն սկսելով՝ եօթը օր տաղաւարահարաց տօն է Տէրոջը։ Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պէտք է ըլլայ, բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։ Եօթը օր պատարագ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը եւ ութերորդ օրը սուրբ ժողով ընէք եւ պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։ Տօնախմբութեան օր է այն, երբ բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։ Տէրոջը պատարագ, այսինքն ողջակէզ ու հացի ընծայ, զոհ եւ թափելու նուէրներ՝ ամէն օրուան պէտք եղածը մատուցանելու համար ձեր սուրբ ժողովներ կոչուած Տէրոջը տօները ասոնք են՝ Տէրոջը շաբաթներէն զատ եւ ձեր ընծաներէն զատ ու ձեր բոլոր ուխտերէն զատ եւ Տէրոջը տալու ձեր կամաւոր ընծաներէն զատ, Նաեւ՝ եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը՝ երկրի արդիւնքը հաւաքած ատեննիդ եօթը օր տօն պէտք է պահէք Տէրոջը։ Առաջին օրը եւ ութերորդ օրը շաբաթ պիտի սեպէք ։ Առաջին օրը ձեզի գեղեցիկ ծառերու պտուղ, արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր եւ ձորի ուռիներու ոստեր պէտք է առնէք ու Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ուրախանաք։ Այս տօնը տարին եօթը օր պիտի պահէք Տէրոջը։ Ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ այն։ Եօթներորդ ամսուան մէջ պիտի ընէք զայն։ Եօթը օր տաղաւարներու մէջ պիտի բնակիք, Իսրայէլի բոլոր բնիկները տաղաւարներու մէջ պէտք է բնակին. Որպէս զի ձեր սերունդները գիտնան թէ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանած ատենս տաղաւարներու մէջ բնակեցուցի զանոնք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ Այսպէս՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց թէ որո՛նք են Տէրոջը տօները։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ ծեծուած մաքուր ձէթ բերեն քեզի լոյսի համար, որպէս զի միշտ ճրագ վառի։ Վկայութեան խորանին մէջ, վկայութեան վարագոյրէն դուրս, միշտ պիտի պատրաստէ զայն՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու Տէրոջը առջեւ վառուելու համար ։ Ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ Ճրագները զուտ ոսկի աշտանակի վրայ Տէրոջը առջեւ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլան։ Բարակ ալիւր ա՛ռ եւ անով տասներկու շօթ եփէ՛. ամէն մէկ շօթը երկու տասնորդ պէտք է ըլլայ։ Զանոնք Տէրոջը առջեւ մաքուր սեղանին վրայ երկու կարգով դի՛ր. ամէն մէկ կարգը վեց հատ պէտք է ըլլայ։ Ամէն կարգի վրայ զուտ կնդրուկ դի՛ր, որպէս զի հացին վրայ պատարագի յիշատակ ըլլայ Տէրոջը։ Իսրայէլի որդիներուն կողմէ յաւիտենական ուխտով ամէն շաբաթ օր Տէրոջը առջեւ զանիկա պէտք է կարգադրէ։ Անիկա Ահարոնին ու անոր որդիներունը պիտի ըլլայ։ Սուրբ տեղը ուտեն զանիկա, վասն զի այն՝ Տէրոջը պատարագներէն յաւիտենական կանոնով ամենասուրբ է»։ Եւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ Իսրայելացի կնոջ մը որդին ելաւ, որուն հայրը Եգիպտացի էր ու այն Իսրայելացի կնոջ որդին Իսրայելացի մարդու մը հետ բանակին մէջ կռուեցաւ Եւ այն Իսրայելացի կնոջ որդին հայհոյեց Տէրոջը անուան ու անիծեց։ Մովսէսին բերին զանիկա։ Անոր մօրը անունը Սողոմիթ էր, Դանի ցեղէն՝ Դաբրիին աղջիկը։ Բանտարկեցին զանիկա, մինչեւ որ Տէրոջը հրամանը յայտնուի իրեն։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Այն հայհոյող մարդը բանակէն դուրս հանէ եւ բոլոր լսողները ձեռքերնին անոր գլխուն վրայ թող դնեն ու բոլոր ժողովուրդը թող քարկոծեն զանիկա։ Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ով որ իր Աստուածը անիծէ, իր մեղքը պիտի կրէ՛’։ Տէրոջը անուան հայհոյողը անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Բոլոր ժողովուրդը անշուշտ պէտք է քարկոծեն զանիկա. օտարական ըլլայ թէ բնիկ։ Տէրոջը անուան հայհոյողը պէտք է մեռցուի։ Ով որ մարդ մը սպաննէ, անշուշտ պէտք է մեռցուի։ Ան որ անասուն մը կը մեռցնէ, անասունի տեղ անասուն մը պէտք է հատուցանէ։ Եւ եթէ մարդ մը իր դրացիին խեղութեանը պատճառ ըլլայ, իր ըրածին պէս պէտք է ընեն իրեն. Բեկման տեղ՝ բեկում, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ. ինչպէս անիկա մարդու մը խեղութիւն պատճառեր է, նոյնպէս պէտք է ըլլայ իրեն։ Եւ անասուն մեռցնողը պիտի հատուցանէ զայն. բայց մարդ մեռցնողը պէտք է մեռցուի։ Թէ՛ օտարականին համար եւ թէ՛ բնիկին համար՝ ձեր օրէնքը մէկ պէտք է ըլլայ. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն, որ այն անիծող մարդը բանակէն դուրս հանեն եւ քարկոծեն զանիկա։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինա լեռը՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ այն երկիրը մտնէք, որ ես ձեզի պիտի տամ, թող այն երկիրը հանգստութեան շաբաթ մը պահէ Տէրոջը։ Վեց տարի քու արտդ ցանէ՛ եւ քու այգիդ վեց տարի յօտէ՛ ու անոր արդիւնքը հաւաքէ՛. Բայց եօթներորդ տարին երկրին համար հանգստութեան շաբաթ, այսինքն Տէրոջը համար շաբաթ պէտք է ըլլայ։ Քու արտդ պիտի չցանես եւ քու այգիդ պիտի չյօտես Քու արտիդ մէջ ինքնիրմէ բուսածը պէտք չէ հնձես եւ քու չյօտած այգիիդ խաղողները պէտք չէ հաւաքես. հանգստութեան տարի պէտք է ըլլայ անիկա երկրին։ Եւ երկրին շաբաթը թող կերակուր հայթայթէ քեզի եւ քու ծառայիդ եւ քու աղախինիդ ու քու վարձկանիդ եւ քու քովդ պանդխտացած օտարականին Եւ քու անասուններուդ ու քու երկրիդ մէջ եղած կենդանիներուն կերակուր թող ըլլայ անոր բոլոր արդիւնքը։ Դուն տարիներու եօթը շաբաթ համրէ, այսինքն եօթը անգամ եօթը տարի, այնպէս որ տարիներուն եօթը շաբաթներուն ժամանակը քառասունըինը տարի թող ըլլայ։ Ապա եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը ազդարարութեան փողը պէտք է հնչեցնես, քաւութեան օրը ձեր բոլոր երկրին մէջ պէտք է հնչեցնէք փողը։ Եւ յիսուներորդ տարին պիտի սրբէք ու երկրի վրայ անոր բոլոր բնակիչներուն համար ազատութիւն պէտք է քարոզէք։ Ասիկա ձեզի Յոբելեան տարի պէտք է ըլլայ։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ստացուածքին թող դառնայ ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ազգատոհմին թող դառնայ։ Այս յիսուներորդ տարին Յոբելեան տարի թող ըլլայ ձեզի։ Ո՛չ պիտի ցանէք ո՛չ ալ ինքնիրմէ բուսածը պիտի հնձէք եւ ձեր չյօտած այգիէն պիտի չհաւաքէք. Վասն զի Յոբելեան տարի է։ Այն սուրբ պիտի ըլլայ։ Արտէն՝ անոր արդիւնքը կրնաք ուտել։ Այս Յոբելեան տարին իւրաքանչիւրը իր ստացուածքին թող դառնայ։ Եւ եթէ քու դրացիիդ բան մը ծախելու ըլլաս, կամ քու դրացիիդ ձեռքէն ծախու առնելու ըլլաս, անիրաւութիւն մի՛ ընէք։ Յոբելեան տարիէն ետքը եղած տարիներուն հաշիւովը ծախու առնես քու դրացիէդ, անիկա ալ հունձքին տարիներուն հաշիւովը պէտք է ծախէ քեզի։ Տարիներուն շատութեանը նայելով պէտք է աւելցնես անոր գինը եւ տարիներուն նուազութեանը նայելով պէտք է պակսեցնես անոր գինը. վասն զի անիկա հունձքին հաշիւովը կը ծախէ քեզի։ Իրարու անիրաւութիւն մի՛ ընէք, այլ Աստուծմէ վախցէք. քանզի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Ուստի իմ կանոններս պէտք է կատարէք եւ կարգադրութիւններս պահէք՝ ու գործադրէք զանոնք. այն ատեն այն երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։ Երկիրը իր պտուղը պիտի տայ ու մինչեւ յագենաք պիտի ուտէք եւ անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։ Եւ եթէ ըսէք՝ ‘Եօթներորդ տարին ի՞նչ պիտի ուտենք եթէ չցանենք ու մեր հունձքը չհաւաքենք’։ Վեցերորդ տարին ձեր վրայ պիտի ղրկեմ իմ օրհնութիւնս, այնպէս որ երեք տարուան արդիւնք պիտի տայ։ Եւ մինչեւ որ ութերորդ տարին ցանէք, հին հունձքէն պիտի ուտէք մինչեւ իններորդ տարին։ Մինչեւ նոր հունձքին հասնիլը հինէն պիտի ուտէք։ Երկիրը պէտք չէ մշտնջենապէս ծախուի, վասն զի երկիրը իմս է ու դուք իմ քովս պանդուխտներ եւ հիւրեր էք։ Եւ ձեզի պատկանած բոլոր երկրին մէջ փրկագին պիտի տաք երկրին համար։ Եթէ քու եղբայրդ աղքատանայ եւ իր ստացուածքին մէկ մասը ծախէ ու յետոյ եթէ անոր մէկ ազգականը ուզէ, կրնայ եղբօրդ ծախածը փրկել։ Եթէ մէկը փրկող մը չունենայ, բայց ինք անձամբ կարողանայ փրկել Այն ատեն ծախուած օրէն թող հաշուէ տարիները եւ աւելցածը ետ տայ այն մարդուն, որուն ծախած էր եւ իր ստացուածքը առնէ։ Բայց եթէ անոր ետ տալու կարող չէ, այն ատեն իր ծախած բանը ծախու առնողին ձեռքը պէտք է մնայ մինչեւ Յոբելեան տարին։ Յոբելեան տարին գնողը պիտի ելլէ ու ծախողը իր ստացուածքին պէտք է տիրանայ։ Եթէ մէկը պարսպապատ քաղաքի մը մէջ բնակարան մը ծախէ, ծախելէն վերջ տարուան մը ընթացքին գինը վճարելով կրնայ ետ առնել։ Եթէ մէկ տարուան ընթացքին չկարենայ վճարելով ետ առնել, այն ատեն պարսպապատ քաղաքին մէջ եղած բնակարանը ծախու առնողին եւ իր սերունդին պիտի մնայ։ Յոբելեան տարին այդ տունը ետ պիտի չտրուի։ Բայց պարսպապատ չեղող գիւղաքաղաքներուն տուները երկրին արտերուն պէս պիտի սեպուին։ Անոնք կրնան փրկուիլ եւ Յոբելեան տարին պէտք է վերադարձուին։ Սակայն Ղեւտացիներու քաղաքներուն մէջ իրենց սեփական քաղաքներուն մէջի տուները Ղեւտացին կրնայ ոեւէ ատեն գինը վճարելով ետ առնել՝ ՝։ Եթէ Ղեւտացի մը այդ գործառնութիւնը չկատարէ, այն ատեն Յոբելեան տարին իրենց սեփական քաղաքին մէջ ծախուած տունը պէտք է վերադարձուի, Քանզի Ղեւտացիներու քաղաքին մէջ գտնուած տունը իրենց սեփականութիւն ընդունուած է։ Եթէ քու եղբայրդ աղքատանայ ու չկարենայ ինքզինքը հոգալ քու քովդ, անոր պէտք է օգնես օտարականի ու պանդուխտի պէս, որպէս զի քու քովդ ապրի։ Անկէ վաշխ ու տոկոս մի՛ առներ, հապա քու Աստուծմէդ վախցիր, որպէս զի եղբայրդ քու քովդ ապրի։ Քու ստակդ վաշխով մի՛ տար անոր եւ քու կերակուրդ շահու համար մի՛ տար։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ Քանանի երկիրը ձեզի տալու համար եւ ձեզի Աստուած ըլլալու համար։ Եթէ եղբայրդ աղքատանայ ու ինքզինք քեզի ծախէ, զանիկա ծառայի մը պէս մի՛ գործածեր. Անիկա քու քովդ վարձկանի կամ պանդուխտի պէս թող ըլլայ ու ծառայէ քեզի մինչեւ Յոբելեան տարին։ Եւ այն ատեն քու քովէդ պէտք է ելլէ ինք ալ ու իր որդիներն ալ իրեն հետ եւ իր ընտանիքին թող երթայ ու իր հայրերուն կալուածը դառնայ։ Քանզի անոնք իմ ծառաներս են, որոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Անոնք ծառայի պէս թող չծախուին։ Խստութեամբ մի՛ իշխեր անոր վրայ, հապա քու Աստուծմէդ վախցի՛ր։ Քու ծառադ ու աղախինդ ձեր բոլորտիքը եղած ազգերէն պէտք է ըլլան։ Ծառայ ու աղախին անոնցմէ կրնաք ծախու առնել։ Նաեւ ձեր քով բնակող օտարականներուն զաւակներէն կամ անոնցմէ եւ կամ ձեր քով եղող անոնց ընտանիքներէն որոնք ձեր երկիրը ծնած են՝ կրնաք ծախու առնել, որպէս զի ձեր ստացուածքը ըլլան։ Ձեզմէ ետքը ձեր որդիներուն կտակեցէք զանոնք իբր ժառանգութեան ստացուածք, որպէս զի միշտ ձեր ծառաները ըլլան. բայց ձեր եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն, համար՝ իրարու վրայ խստութեամբ մի՛ իշխէք։ Եթէ քու քովդ եղած օտարականը կամ պանդուխտը հարստանայ ու անոր քով բնակող քու եղբայրդ աղքատանայ, ինքզինք ծախէ քու քովդ պանդխտացած օտարականին, կամ այն օտարականին ընտանիքին մէկ ազգականին, եթէ Ինքզինք ծախելէն ետքը ուզէ փրկուիլ. իր եղբայրներէն մէկը կրնայ զինք ծախու առնողէն փրկել զանիկա. Անոր հօրեղբայրը կամ հօրեղբօրորդին կրնայ փրկել զանիկա, կամ իր ազգատոհմէն, կամ իր ազգականներէն մէկը կրնայ փրկել զանիկա. կամ եթէ կարողանայ ինք, ինքզինք կրնայ փրկել։ Անիկա, ծախու առնողին հետ, ինքզինք անոր ծախած տարիէն մինչեւ Յոբելեան տարին հաշիւ թող ընէ եւ իր փրկուելուն ստակը տարիներուն հաշիւովը թող վճարէ։ Անոր ժամանակը վարձկանի ժամանակին պէս պէտք է հաշուըուի։ Եթէ տակաւին շատ տարի կայ, տարիներու թիւին նայելով՝ իր ծախուած գինէն պէտք է վերադարձնէ փրկագինը Եւ եթէ Յոբելեան տարիին քիչ տարի մնացեր է, անոր հետ հաշիւ թող ընէ ու իր տարիներուն թիւին համեմատ իր փրկագինը պէտք է անոր տայ։ Ինք անոր քով տակաւին վարձկանի պէս պիտի սեպուի ու գնողն ալ խստութեամբ պէտք չէ իշխէ անոր վրայ։ Եւ եթէ այս կերպերով չփրկուի, Յոբելեան տարին ինք ալ ու իր որդիներն ալ իրեն հետ պէտք է ազատուին։ Վասն զի Իսրայէլի որդիները իմ ծառաներս են. Եգիպտոսի երկրէն իմ հանած ծառաներս են անոնք. ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ «Դուք ձեզի չաստուածներ ու կուռքեր մի՛ շինէք եւ ձեզի արձաններ մի՛ կանգնեցնէք եւ ձեր երկրին մէջ պատկերաւոր կոթող մի՛ դնէք՝ անոր երկրպագութիւն ընելու համար. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։ Իմ շաբաթներս պէտք է պահէք ու իմ սրբարանս յարգէք։ Ես եմ Տէրը։ Եթէ իմ կանոններովս քալէք եւ իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք գործադրէք, Ես ալ ձեզի անձրեւը ատենին պիտի տամ եւ երկիրը իր հունձքը պիտի տայ ու դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան Եւ ձեր կալը մինչեւ այգեկութքը պիտի հասնի ու այգեկութքը մինչեւ ցանելու ժամանակը հասնի եւ ձեր հացը կուշտ պիտի ուտէք ու ձեր երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։ Եւ խաղաղութիւն պիտի տամ երկրին ու հանգիստ պիտի պառկիք եւ վախցնող մը պիտի չըլլայ ու երկրին չար գազանները պիտի հատցնեմ եւ ձեր երկրէն սուր պիտի չանցնի։ Եւ ձեր թշնամիները պիտի հալածէք ու անոնք սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։ Եւ ձեզմէ հինգ հոգին հարիւրաւորը պիտի հալածէ եւ ձեզմէ հարիւր հոգին բիւրաւորը պիտի հալածէ ու ձեր թշնամիները սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։ Եւ ձեզի պիտի նայիմ ու ձեզ աճեցնեմ եւ շատցնեմ ու ձեզի հետ իմ ուխտս հաստատեմ։ Եւ հին պաշարը պիտի ուտէք ու նորին տեղ ընելու համար՝ ՝ հինը դուրս պիտի հանէք։ Եւ իմ խորանս ձեր մէջ պիտի դնեմ ու իմ Հոգիս ձեզմէ պիտի չզզուի։ Եւ ձեր մէջ պիտի քալեմ ու ձեզի Աստուած ըլլամ եւ դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանեցի, որպէս զի անոնց ծառայ չըլլաք ու ձեր լուծին կապերը խորտակեցի եւ ձեզ բարձրագլուխ քալեցուցի։ Բայց եթէ ինծի մտիկ չընէք ու բոլոր պատուիրանքներս չկատարէք Եւ իմ կանոններս անարգէք ու ձեր հոգին իմ կարգադրութիւններէս զզուի, այնպէս որ իմ բոլոր պատուիրանքներս չկատարէք ու իմ ուխտս աւրէք, Ես ալ ձեզի այդպէս պիտի ընեմ՝ այսինքն ձեր վրայ աչք փճացնող եւ սիրտ մարեցնող վախ, ծիւրական ախտ ու հրատագնապ տենդ պիտի ղրկեմ եւ ձեր սերմը պարապ տեղ պիտի սերմանէք. վասն զի ձեր թշնամիները պիտի ուտեն զայն. Եւ իմ երեսս ձեր վրայ պիտի տնկեմ ու ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի սպաննուիք. ձեզ ատողները պիտի իշխեն ձեր վրայ ու առանց հալածուելու պիտի փախչիք։ Եւ եթէ ասոնցմով ալ ինծի մտիկ չընէք, այն ատեն ձեր մեղքերուն համար ձեզ եօթնապատիկ աւելի պիտի պատժեմ։ Եւ ձեր զօրութեան հպարտութիւնը պիտի խորտակեմ ու ձեր երկինքը երկաթի պէս եւ ձեր երկիրը պղնձի պէս պիտի ընեմ։ Եւ ձեր ոյժը պարապ տեղ պիտի հատնի ու ձեր երկիրը իր արդիւնքը պիտի չտայ եւ երկրին ծառերը իրենց պտուղը պիտի չտան։ Եւ եթէ դուք ինծի հակառակ երթաք ու չուզէք ինծի մտիկ ընել, այն ատեն ձեր մեղքերուն համեմատ եօթնապատիկ պատուհաս պիտի բերեմ ձեր վրայ։ Եւ ձեր վրայ դաշտի գազաններ պիտի ղրկեմ, որոնք ձեզ անզաւակ պիտի ընեն ու ձեր անասունները ջարդեն եւ ձեզ պիտի քիչցնեն ու ձեր ճամբաները անապատ պիտի դառնան։ Եւ եթէ ասոնցմով ալ չխրատուիք ու ինծի հակառակ երթաք, Այն ատեն ես ալ ձեզի հակառակ պիտի երթամ եւ ես ալ ձեր մեղքերուն համար եօթնապատիկ պիտի պատժեմ ձեզ։ Եւ ձեր վրայ ուխտիս վրէժը առնող սուրը պիտի ղրկեմ ու ձեր քաղաքներուն մէջ պիտի հաւաքուիք եւ ձեր մէջ ժանտախտ պիտի ղրկեմ ու թշնամիին ձեռքը պիտի մատնուիք։ Ձեր հացին ցուպը կոտրած ատենս, տասը կին մէկ թոնիրի մէջ պիտի եփեն ձեր հացը եւ ձեր հացը կշռելով պիտի տրուի ձեզի ու պիտի ուտէք եւ կշտանաք։ Եւ եթէ ասոնցմով ալ ինծի մտիկ չընէք, հապա հակառակ երթաք ինծի, Այն ատեն ես ալ ձեզի հակառակ պիտի երթամ բարկութեամբ եւ ձեր մեղքերուն համար եօթնապատիկ պիտի պատժեմ ձեզ Եւ ձեր տղաքներուն միսը պիտի ուտէք ու ձեր աղջիկներուն միսը պիտի ուտէք։ Եւ ձեր բարձր տեղերը պիտի աւերեմ ու ձեր արեգակի կուռքերը կոտրտեմ եւ ձեր դիակները ձեր կուռքերուն դիակներուն վրայ պիտի դնեմ ու իմ հոգիս ձեզմէ պիտի զզուի։ Եւ ձեր քաղաքները՝ աւերակ ու ձեր սուրբ տեղերը ամայի պիտի ընեմ եւ ձեր անոյշ հոտը պիտի չհոտուըտամ։ Եւ այն երկիրը ամայի պիտի ընեմ, որպէս զի հոն բնակող ձեր թշնամիները զարմանան անոր վրայ։ Եւ ձեզ ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ ու ձեր ետեւէն սուր պիտի քաշեմ եւ ձեր երկիրը ամայի պիտի ըլլայ ու ձեր քաղաքները՝ աւերակ։ Այն ատեն երկիրը իր ամայութեան բոլոր օրերը իր շաբաթները պիտի վայելէ, երբ դուք ձեր թշնամիին երկրին մէջ ըլլաք. երկիրը այն ատեն հանգիստ ըլլալով՝ իր շաբաթները պիտի վայելէ. Իր ամայութեան բոլոր օրերը պիտի հանգստանայ. քանզի ձեր շաբաթներուն մէջ չէր հանգստանար, երբ անոր վրայ կը բնակէիք։ Եւ ձեզմէ ողջ մնացածներուն սրտին դող պիտի բերեմ իրենց թշնամիներուն երկիրներուն մէջ ու հովէն քշուած տերեւին ձայնը պիտի հալածէ զանոնք եւ սուրի բերնէ փախչելու պէս պիտի փախչին անոնք ու առանց հալածուելու պիտի իյնան։ Առանց հալածուելու՝ սուրի երեսէ փախչելու պէս իրարու վրայ պիտի իյնան եւ պիտի չկրնաք ձեր թշնամիներուն առջեւ կայնիլ։ Եւ ազգերուն մէջ պիտի կորսուիք ու ձեր թշնամիներուն երկիրը ձեզ պիտի ուտէ։ Եւ ձեզմէ մնացածները իրենց անօրենութիւնովը պիտի հալին ձեր թշնամիներուն երկիրներուն մէջ. նաեւ իրենց հայրերուն անօրէնութիւններովը մէկտեղ պիտի հալին։ Եւ եթէ խոստովանին իրենց անօրէնութիւնն ու հայրերնուն անօրէնութիւնը՝ ինծի դէմ գործած իրենց յանցանքներովը եւ իրենց ինծի հակառակ երթալը։ Ու նաեւ իմ անոնց հակառակ երթալս ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրը բերելս. եթէ այն ատեն իրենց անթլփատ սիրտը խոնարհի եւ իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ ընդունին, Այն ատեն պիտի յիշեմ Յակոբին հետ ըրած ուխտս, նաեւ Իսահակին հետ ըրած ուխտս եւ Աբրահամին հետ ըրած ուխտս ալ պիտի յիշեմ ու այն երկիրն ալ պիտի յիշեմ։ Եւ յիրաւի այն երկիրը պիտի լքուի անոնցմէ ու իր շաբաթները պիտի վայելէ, քանի որ անոնցմէ ամայի պիտի մնայ եւ անոնք իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ պիտի ընդունին. քանզի իմ կարգադրութիւններս անարգեցին ու անոնց հոգիները իմ կանոններէս զզուեցան։ Ամէն պարագայի երբ իրենց թշնամիներուն երկիրը ըլլան, զանոնք պիտի չմերժեմ եւ զանոնք բոլորովին կորսնցնելու ու անոնց հետ ըրած ուխտս ջնջելու չափ պիտի չզզուիմ անոնցմէ. վասն զի ես եմ Տէրը՝ անոնց Աստուածը։ Բայց անոնց համար պիտի յիշեմ իրենց նախնիքներուն ուխտը, որոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ ազգերուն առջեւ անոնց Աստուած ըլլալու համար։ Ես եմ Տէրը»։ Ասոնք են այն կանոնները եւ կարգադրութիւններն ու օրէնքները, որոնք Տէրը տուաւ իր ու Իսրայէլի որդիներուն՝ Սինա լեռը՝ Մովսէսին միջոցով։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ մէկը ուխտ ընելու ըլլայ, անձերուն գինը քու գնահատածիդ պէս՝ Տէրոջը պէտք է ըլլայ։ Եւ քու որոշած գինդ այսպէս պիտի ըլլայ՝ Քսան տարեկանէն մինչեւ վաթսուն տարեկան եղող արուին որոշուած գինը, սրբարանին սիկղին համեմատ, յիսուն սիկղ արծաթ պէտք է ըլլայ Եւ եթէ էգ է, քու որոշած գինդ երեսուն սիկղ պէտք է ըլլայ։ Եւ եթէ հինգ տարեկանէն մինչեւ քսան տարեկան է, այն ատեն արուին համար քու որոշած գինդ՝ քսան սիկղ ու էգին համար տասը սիկղ պէտք է ըլլայ։ Եւ եթէ մէկ ամսականէն մինչեւ հինգ տարեկան ըլլայ, այն ատեն արուին համար որոշած գինդ՝ հինգ սիկղ արծաթ ու էգին համար որոշած գինդ երեք սիկղ արծաթ պէտք է ըլլայ։ Եւ եթէ վաթսուն տարեկանէն վեր ըլլայ, արուին համար քու որոշած գինդ՝ տասնըհինգ սիկղ ու էգին համար տասը սիկղ պէտք է ըլլայ։ Եւ եթէ քու որոշած գինդ անոր կարողութենէն վեր ըլլայ, անիկա քահանային առջեւ պիտի ելլէ ու անոր գինը քահանան թող որոշէ։ Քահանան ուխտ ընողին կարողութեանը նայելով՝ անոր գինը թող որոշէ։ Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ մատուցանելու անասուններէն է, անոնցմէ ինչ որ Տէրոջը տայ, սուրբ պիտի ըլլայ Ինք թող չփոխէ զայն, աղէկը՝ գէշին հետ կամ գէշը աղէկին հետ թող չփոխէ եւ եթէ անասունը անասունի հետ փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ընծայուածը ու անոր հետ փոխուածը սուրբ թող ըլլայ։ Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ մատուցանելու անյարմար անմաքուր անասուններէն ըլլայ, այն ատեն քահանային առջեւ թող հանէ այն անասունը Ու քահանան անոր աղէկ կամ գէշ ըլլալուն նայելով՝ թող գին որոշէ. քահանան ինչ գին որ որոշէ, այնպէս թող ըլլայ։ Իսկ եթէ զանիկա ազատելու ըլլայ, այն ատեն որոշուած գնին վրայ մէկ հինգերորդ մաս պէտք է աւելցնէ։ Ու երբ մարդ մը իր տունը Տէրոջը սուրբ ըլլալու համար ընծայէ, այն ատեն քահանան անոր աղէկ կամ գէշ ըլլալուն նայելով՝ գին թող որոշէ. քահանան անոր ինչ գին որ որոշէ, այնպէս պէտք է ըլլայ։ Եթէ ընծայողը տունը ետ առնել ուզէ, որոշուած գնին մէկ հինգերորդը պէտք է աւելցնէ, որ կարենայ տունը առնել։ Եւ եթէ մարդ մը իր սեփական արտէն ընծայելու ըլլայ Տէրոջը, այն ատեն քու որոշած գինդ անոր սերմին համեմատ պէտք է ըլլայ. մէկ քոռ գարիին սերմին համար՝ յիսուն սիկղ արծաթ։ Եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ընծայէ, քու որոշած գնիդ պէս թող մնայ։ Եւ եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ետքը ընծայէ, քահանան անոր հետ՝ ստակը մինչեւ Յոբելեան տարիին մնացած տարիները՝ հաշիւ ընելով՝ քու որոշած գնէդ վար պէտք է իջեցնէ։ Իսկ եթէ արտը ընծայողը ուզէ ետ առնել, այն ատեն քու որոշած գնիդ ստակին վրայ մէկ հինգերորդ մաս թող աւելցնէ ու այն արտը իրեն փոխանցուի։ Եւ եթէ արտը ետ չառնէ, կամ արտը ուրիշի մը ծախած ըլլայ, պիտի չկրնայ ետ առնել. Հապա երբ արտը Յոբելեան տարիին մէջ դառնայ, նուիրուած արտի պէս սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Ան քահանային կալուածը պիտի ըլլայ։ Եւ եթէ մէկը Տէրոջը ընծայէ իր ծախու առած արտը, որ իր սեփական արտէն չէ, Այն ատեն քահանան անոր հետ քու որոշած գնիդ հաշիւը թող ընէ մինչեւ Յոբելեան տարին եւ այն օրը քու որոշած գինդ սուրբ բանի պէս պէտք է տայ Տէրոջը։ Յոբելեան տարին, արտը՝ ծախողին, այսինքն որու որ կը վերաբերէր գետինը, անոր պիտի դառնայ։ Եւ քու բոլոր որոշած գիներդ սրբարանին սիկղին համեմատ պէտք է որոշուած ըլլան. սիկղը քսան կերատ հաշուելով։ Միայն թէ անասուններուն անդրանիկը, ամենէն առաջ ծնած ըլլալուն Տէրոջը ըլլալով, մէկը պէտք չէ ընծայէ զայն. արջառ ըլլայ թէ ոչխար, ան Տէրոջն է։ Եւ եթէ անմաքուր անասուններէն է, քու որոշած գնիդ համեմատ կրնայ ետ առնել զայն, բայց վրան մէկ հինգերորդ մաս պէտք է աւելցնէ։ Եթէ ետ առնել չուզէ՝ քու որոշած գնովդ թող ծախուի։ Բայց մարդու մը՝ իր բոլոր ունեցած մարդոցմէն եւ անասուններէն ու իր կալուածքին արտէն՝ Տէրոջը նուիրածը պիտի չծախուի ու չփրկուի. ամէն նուէր սուրբ է Տէրոջը։ Մարդոցմէ նուիրուած նուէր մը բնաւ պիտի չփրկուի, հապա անշուշտ պիտի մեռցուի։ Երկրին բոլոր տասանորդը՝ թէ՛ երկրին հունտերէն, թէ՛ ծառերուն պտուղէն՝ Տէրոջն է. անիկա սուրբ է Տէրոջը։ Եւ եթէ մարդ մը իր տասանորդներէն մաս մը ետ առնել ուզէ, անոր վրայ մէկ հինգերորդ մաս թող աւելցնէ։ Եւ արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդը, գաւազանին տակէն անցնողին տասանորդը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Աղէկին ու գէշին մէջտեղ տարբերութիւն պէտք չէ դնէ ու չփոխէ զայն եւ եթէ երբեք փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ալ, անոր հետ փոխանակուածն ալ սուրբ պիտի ըլլայ, որ ետ պիտի չառնուի»։ Տէրոջը՝ Իսրայէլի որդիներուն համար Սինա լեռը՝ Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները ասոնք են։ Տէրը Մովսէսին խօսեցաւ Սինայի անապատը վկայութեան խորանին մէջ՝ անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան առաջին օրը ՝ ըսելով. «Առէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին գումարը իրենց ազգատոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ ամէն մէկ արուն առանձինն համրելով ։ Դուն ու Ահարոն բոլոր Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր պատերազմելու կարող եղողները՝ ՝ իրենց գունդերուն համեմատ պիտի համրէք։ Եւ ձեզի հետ ամէն ցեղէն մէկմէկ մարդ առէք, որ անոնց ամէն մէկը իր հօրը տանը իշխանը ըլլայ։ Եւ ձեզի հետ կենալու մարդոց անունները ասոնք են՝ Ռուբէնէն Սեդիուրի որդին Եղիսուրը, Շմաւոնէն Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլը, Յուդայէն Ամինադաբի որդին Նաասոնը, Իսաքարէն Սովգարի որդին Նաթանայէլը, Զաբուղոնէն Քեղոնի որդին Եղիաբը, Յովսէփին որդիներէն՝ Եփրեմէն Ամիուդի որդին Եղիսաման, Մանասէէն Փադասուրի որդին Գամաղիէլը, Բենիամինէն Գեդէօնի որդին Աբիդան, Դանէն Ամիսադայի որդին Աքիեզերը, Ասերէն Եքրանի որդին Փաքիէլը, Գադէն Դագուէլի որդին Եղիասափը, Նեփթաղիմէն Ենանի որդին Աքիրէն»։ Ասոնք էին ժողովուրդին երեւելիները, իրենց հայրերուն սերունդէն իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները։ Մովսէս ու Ահարոն՝ իրենց անուններովը՝ յիշուած մարդիկը առին Եւ երկրորդ ամսուան առաջին օրը բոլոր ժողովուրդը հաւաքեցին, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր ամէնքը մէկ մէկ համրուելով իրենց անուններուն թիւովը արձանագրուեցան։ Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ Անիկա Սինայի անապատին մէջ այնպէս համրեց զանոնք։ Իսրայէլի անդրանիկ որդիին Ռուբէնին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, բոլոր արուները, իրենց անուններուն թիւովը։ Ռուբէնին ցեղէն համրուածները քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Շմաւոնին որդիները՝ իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, բոլոր արուները, իրենց անուններուն թիւովը։ Շմաւոնին ցեղէն համրուածները յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։ Գադին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ Գադին ցեղէն համրուածները քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։ Յուդային որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ Յուդային ցեղէն համրուածները եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։ Իսաքարին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ Իսաքարին ցեղէն համրուածները յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։ Զաբուղոնին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ Զաբուղոնին ցեղէն համրուածները յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։ Յովսէփին որդիներէն Եփրեմին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ Եփրեմին ցեղէն համրուածները քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Մանասէին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ Մանասէին ցեղէն համրուածները երեսունըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։ Բենիամինին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ Բենիամինին ցեղէն համրուածները երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։ Դանին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները իրենց անուններուն թիւովը Դանին ցեղէն համրուածները վաթսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։ Ասերին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ Ասերին ցեղէն համրուածները քառասունըմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Նեփթաղիմին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։ Նեփթաղիմին ցեղէն համրուածները յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։ Ասոնք են այն համրուածները, որոնք Մովսէս, Ահարոն ու Իսրայէլի իշխանները համրեցին. այս իշխանները տասներկու մարդիկ էին։ Ամէն մէկը իր հօրը տանը կողմէն։ Այսպէս Իսրայէլի որդիները՝ ամէնքը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները համրուեցան։ Եւ բոլոր համրուածները վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։ Բայց Ղեւտացիները իրենց հայրերուն սերունդովը ասոնց հետ չհամրուեցան։ Քանզի Տէրը խօսեր էր Մովսէսին ըսելով. «Միայն Ղեւտացիներուն ցեղը պիտի չհամրես եւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ անոնց գումարը պիտի չաւելցնես. Բայց դուն Ղեւտացիները վկայութեան խորանին ու անոր բոլոր բաներուն վերակացու դիր. անոնք պիտի վերցնեն խորանը ու անոր բոլոր կարասիները եւ անոր սպասաւորութիւնը անոնք պիտի ընեն ու խորանին բոլորտիքը անոնք պիտի բնակին։ Եւ խորանին չուելու ատենը Ղեւտացիները վար պիտի առնեն զայն ու խորանին իջեւանը ընելու ատենը Ղեւտացիները պիտի կանգնեցնեն զայն եւ անոր մօտեցող օտարականը պէտք է մեռցուի։ Եւ Իսրայէլի որդիները իրենց գունդերովը ամէն մէկը իր բանակին քով ու ամէն մէկը իր դրօշակին քով իջեւան թող ընեն։ Բայց Ղեւտացիները վկայութեան խորանին բոլորտիքը պէտք է բանակին, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին վրայ բարկութիւն չգայ ու Ղեւտացիները վկայութեան խորանին պահպանութիւնը ընեն»։ Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածները ըրին։ Այնպէս ըրին։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն ամէն մէկը իր դրօշակին քով իրենց հայրերուն տանը նշանովը իջեւան պիտի ընեն. վկայութեան խորանին դէմ շուրջանակի։ Առջեւի կողմը՝ դէպի արեւելք իջեւան ընողները Յուդային բանակին զօրքերը թող ըլլան՝ ՝ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Ամինադաբի որդին Նաասոնը Յուդային որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։) Եւ անոր քով իջեւան ընողները Իսաքարին ցեղը պիտի ըլլայ եւ Սովգարի որդին Նաթանայէլը Իսաքարի որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։) Ետքը Զաբուղոնին ցեղը եւ Քեղոնի որդին Եղիաբը Զաբուղոնի որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։) (Յուդային բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ, հարիւր ութսունըվեց հազար չորս հարիւր հոգի էին։) Ասոնք առջեւէն պիտի չուեն։ Հարաւային կողմը Ռուբէնին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Ռուբէնին որդիներուն իշխան՝ Սեդիուրի որդին Եղիսուրը պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։) Եւ անոր քով իջեւան ընողները Շմաւոնին ցեղը պիտի ըլլայ ու Շմաւոնին որդիներուն իշխան՝ Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլը պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։) Ու ետքը Գադին ցեղը եւ Գադի որդիներուն իշխան՝ Դագուէլի որդին Եղիսափանը պիտի ըլլայ։ (Անոր համրուած զօրքը քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։) (Ռուբէնին բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ, հարիւր յիսունըմէկ հազար չորս հարիւր յիսուն հոգի էին։) Եւ երկրորդ ասոնք պիտի չուեն։ Ետքը Ղեւտացիներու բանակին հետ բանակներուն մէջտեղը վկայութեան խորանը պիտի չուէ. ամէն մարդ իր տեղը իրենց դրօշակներուն քով ինչպէս իջեւան ըրին, այնպէս պիտի չուեն։ Արեւմտեան կողմը Եփրեմին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը ու Եփրեմի որդիներուն իշխան՝ Ամիուդի որդին Եղիսաման պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։) Եւ անոր քով Մանասէին ցեղը ու Մանասէին որդիներուն իշխան՝ Փադասուրի իշխան Գամաղիէլը պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը երեսունըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։) Ու ետքը Բենիամինին ցեղը եւ Բենիամինին որդիներուն իշխան՝ Գեդէօնին որդին Աբիդանը պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։) (Եփրեմին բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ հարիւր ութը հազար հարիւր հոգի էին։) Եւ երրորդ ասոնք պիտի չուեն։ Հիւսիսային կողմը Դանին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Դանի որդիներուն իշխան՝ Ամիսադայի որդին Աքիեզերը պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը վաթսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։) Եւ անոր քով իջեւան ընողները Ասերին ցեղը պիտի ըլլայ ու Ասերի որդիներուն իշխան՝ Եքրանի որդին Փագիէլը պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասունըմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։) Ու ետքը Նեփթաղիմին ցեղը ու Նեփթաղիմի որդիներուն իշխան՝ Ենանի որդին Աքիրէն պիտի ըլլայ։ (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։) (Դանին բանակին մէջ բոլոր համրուածները հարիւր յիսունըեօթը հազար վեց հարիւր հոգի էին։) Ասոնք իրենց դրօշակներովը ամենէն վերջը պիտի չուեն»։ Իսրայէլի որդիները՝ իրենց հայրերուն տուներովը համրուածները՝ ասոնք են։ Բանակներուն մէջ բոլոր համրուածները իրենց գունդերուն կարգովը վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։ Բայց Ղեւտացիները չհամրուեցան Իսրայէլի որդիներուն հետ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այսպէս իրենց դրօշակներովը իջեւան կ’ընէին ու այսպէս անոնք ամէն մէկը իրենց տոհմերուն կարգովը եւ իրենց հայրերուն տուներովը կը չուէին։ Ահարոնին ու Մովսէսին ազգաբանութիւնը այս է՝ Տէրոջը Մովսէսին հետ Սինա լերանը վրայ խօսած օրը։ Ահարոնին որդիներուն անունները ասոնք են՝ անդրանիկը Նադաբ եւ Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար։ Ասոնք էին Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ անունները, որոնք օծուած եւ օրհնուած էին քահանայութիւն ընելու։ Նադաբ ու Աբիուդ Սինայի անապատին մէջ Տէրոջը առջեւ օտար կրակ մատուցանած ատեննին մեռան Տէրոջը առջեւ ու անոնք որդի չունէին, իսկ Եղիազար ու Իթամար իրենց հօրը Ահարոնին առջեւ քահանայութիւն ըրին։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ղեւիին ցեղը մօտեցուր ու զանոնք Ահարոն քահանային առջեւ կեցուր, որպէս զի անոր սպասաւորութիւն ընեն։ Անոր ու բոլոր ժողովուրդին պահպանութիւնը կատարեն վկայութեան խորանին առջեւ, երբ խորանին կը ծառայեն։ Եւ վկայութեան խորանին բոլոր կարասիներն ու Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի կատարեն՝ խորանին ծառայելով։ Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է տաս Ղեւտացիները. ասոնք Իսրայէլի որդիներէն բոլորովին անոր տրուած են։ Եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց քահանայական պաշտօնը կատարելու պէտք է կարգես, բայց մօտեցող օտարականը պիտի մեռցուի»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Եւ ես ահա Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները առի, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն մօրը արգանդը բացող անդրանիկին տեղը, ուստի Ղեւտացիները իմս պիտի ըլլան։ Քանզի ամէն անդրանիկ իմս է. երբ Եգիպտոսի մէջ բոլոր անդրանիկները զարկի, Իսրայէլի բոլոր անդրանիկները, մարդէն մինչեւ անասուն, սրբեցի ինծի համար։ Անոնք իմս պիտի ըլլան։ Ես եմ Տէրը»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինայի անապատին մէջ՝ ըսելով. «Համրէ Ղեւիին որդիները իրենց հայրերուն տուներուն եւ իրենց ազգատոհմերուն նայելով. մէկ ամսականէն վեր եղող ամէն արու պէտք է համրես»։ Մովսէս Տէրոջը խօսքին համեմատ համրեց զանոնք, ինչպէս իրեն պատուիրուեցաւ։ Եւ Ղեւիին որդիները իրենց անուններովը ասոնք էին՝ Գերսոն եւ Կահաթ ու Մերարի։ Գերսոնին որդիներուն անունները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Ղոբենի ու Սեմէի։ Եւ Կահաթին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Ամրամ եւ Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ էին։ Եւ Մերարիին որդիները իրենց տոհմերովը Մոողի ու Մուսի էին։ Ղեւտացիներուն տոհմերը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ ասոնք էին։ Գերսոնէն Ղոբենեաններու տոհմը եւ Սեմէեաններու տոհմը եղաւ. Գերսոնեաններու տոհմը ասոնք են։ Ասոնցմէ համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, եօթը հազար հինգ հարիւր էին։ Գերսոնեաններու տոհմերը խորանին ետեւի կողմը դէպի արեւմուտք իջեւան պիտի ընեն։ Եւ Գերսոնեաններուն հօրը տանը իշխանը Լայէլի որդին Եղիասափը պիտի ըլլայ։ Եւ վկայութեան խորանին մէջ Գերսոնին որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են ՝ խորանն ու վրանը, անոր ծածկոցը եւ վկայութեան խորանին դրանը վարագոյրը, Խորանին եւ սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին դրանը վարագոյրը եւ անոր բոլոր գործերուն համար պէտք եղած չուանները։ Կահաթէ Ամրամեաններուն տոհմն ու Իսահառեաններուն տոհմը եւ Քեբրոնեաններուն տոհմն ու Ոզիէլեաններուն տոհմը։ Կահաթեաններուն տոհմերը ասոնք են՝ Մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները ութը հազար վեց հարիւր հոգի էին, որոնք սրբարանին պահպանութիւնը կ՛ընէին։ Կահաթին որդիներուն տոհմերը խորանին հարաւային կողմը իջեւան պիտի ընեն։ Եւ Կահաթեաններուն տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Ոզիէլի որդին Եղիսափանը պիտի ըլլայ։ Եւ անոնց պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են ՝ տապանակն ու առաջաւորութեան հացին սեղանը եւ աշտանակն ու սեղանները եւ սրբարանին գործիքները, որոնցմով պաշտամունք կը կատարեն եւ վարագոյրն ու անոր վերաբերեալ բոլոր բաները։ Եւ Ղեւտացիներու իշխաններուն իշխանը՝ Ահարոն քահանային որդին Եղիազարը պիտի ըլլայ, որ սրբարանին պահպանութիւնը ընողներուն վրայ վերակացու պիտի ըլլայ։ Եւ Մերարիէ Մոողեաններուն տոհմը եւ Մուսեաններուն տոհմը եղաւ. ասոնք են Մերարիին տոհմերը։ Անոնց համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, վեց հազար երկու հարիւր հոգի էին։ Եւ Մերարեաններուն տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Աբիքէլի որդին Սուրիէլը պիտի ըլլայ։ Ասոնք խորանին հիւսիսային կողմը իջեւան պիտի ընեն։ Եւ Մերարիին որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են ՝ խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը եւ սիւներն ու խարիսխները եւ անոր բոլոր գործիքներն ու անոր վերաբերեալ բոլոր բաները Եւ շուրջանակի սրահին սիւները, անոնց խարիսխները եւ ցիցերն ու անոնց չուանները։ Խորանին առջեւի կողմը, այսինքն վկայութեան խորանին աեջեւ դէպի արեւելք, իջեւան ընողները Մովսէսն ու Ահարոնը եւ անոր որդիները պէտք է ըլլան, որ սրբարանին եւ Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի ընեն, բայց անոր մօտեցող ոեւէ օտարական պէտք է մեռցուի։ Բոլոր համրուած Ղեւտացիներուն, որոնք իրենց տոհմերովը Տէրոջը խօսքին համեմատ Մովսէսն ու Ահարոնը համրեցին, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները քսանըերկու հազար էին։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Իսրայէլի որդիները մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր անդրանիկ արուները համրէ ու անոնց թիւը անուններով առ։ Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն փոխարէն՝ Ղեւտացիները ա՛ռ ինծի համար։ Ես եմ Տէրը։ Ղեւտացիները՝ Իսրայէլի որդիներուն անասուններուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ»։ Մովսէս համրեց Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։ Բոլոր անդրանիկները իրենց անուններով, մէկ ամսականէն վեր համրուողները, քսանըերկու հազար երկու հարիւր եօթանասունըերեք հոգի էին։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն մէջ բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիներուն անասունները առ, որպէս զի Ղեւտացիները իմս ըլլան։ Ես եմ Տէրը։ Եւ Ղեւտացիներուն թիւէն աւելցած՝ Իսրայէլի որդիներուն երկու հարիւր եօթանասունըերեք անդրանիկներուն փրկանք ըլլալու համար, Մարդ գլուխ հինգ սիկղ առ՝ սրբարանին սիկղին համեմատ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։ Եւ անոնց մէջ աւելցածներուն փրկանքին ստակը Ահարոնին ու անոր որդիներուն տո՛ւր»։ Եւ Մովսէս Ղեւտացիներով փրկուածներուն աւելցածներէն փրկանքին ստակը առաւ։ Իսրայէլի որդիներուն անդրանիկներէն սրբարանին սիկղին համեմատ՝ հազար երեք հարիւր վաթսունըհինգ սիկղ արծաթ առաւ։ Մովսէս Տէրոջը խօսքին պէս՝ փրկուածներուն ստակը Ահարոնին ու անոր որդիներուն տուաւ՝ ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Ղեւիի որդիներէն Կահաթի որդիներուն մարդահամարը առ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ։ Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը, վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար գունդին մէջ մտնողը համրէ ։ Վկայութեան խորանին մէջ Կահաթի որդիներուն պաշտօնը սուրբ բաներն են։ Եւ երբ բանակը չուելու ըլլայ, Ահարոնն ու անոր որդիները թող գան ու ծածկոցին վարագոյրը իջեցնեն եւ անով վկայութեան տապանակը ծածկեն։ Եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցը անոր վրայ դնեն ու անոր վրայ բոլորովին կապուտակ լաթ մը տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։ Եւ առաջաւորութեան սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը թող տարածեն ու անոր վրայ թող դնեն սկուտեղները եւ խնկամաններն ու գաւաթները եւ ըմպելիքի նուէր մատուցանելու բաժակները ու ամէն օրուան հացերն ալ անոր վրայ պէտք է ըլլան Եւ անոնց վրայ կրկնակի կարմիրէ լաթ մը թող տարածեն ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։ Եւ կապուտակէ լաթ մը առնեն ու ծածկեն լոյսի աշտանակը եւ անոր ճրագներն ու անոր ունելիները եւ բազմակալներն ու անոր բոլոր իւղի ամանները, որոնցմով կը մատակարարեն։ Եւ զանիկա իր բոլոր գործիքներովը թէհաշի մորթերէ ծածկոցի մը մէջ, լծակի մը վրայ թող դնեն զայն։ Եւ ոսկի սեղանին վրայ կապուտակ լաթ մը տարածեն ու թէհաշի մորթերէ ծածկոցով մը ծածկեն զայն եւ անոր ձողերը անցընեն։ Եւ սրբարանին պաշտամունքին գործածուած բոլոր գործիքները պէտք է առնեն ու կապուտակ լաթի մը մէջ փաթթեն եւ թէհաշի մորթերէ ծածկոցով ծածկեն զանիկա ու լծակի մը վրայ դնեն։ Եւ ողջակէզի սեղանէն մոխիրները հանելով՝ անոր վրայ ծիրանեգոյն լաթ մը թող տարածեն Եւ անոր վրայ պաշտամունքին համար գործածուած բոլոր գործիքները, այսինքն կրակի ամանները, մսահանները, թիակները եւ կոնքերը (սեղանին բոլոր գործիքները) այն լաթին վրայ դնեն ու անոր վրայ թէհաշի մորթերէ ծածկոց մը տարածեն եւ անոր ձողերը անցընեն։ Եւ Ահարոն ու անոր որդիները բանակին չուած ատենը՝ սրբարանն ու սրբարանին բոլոր կարասիները ծածկելը թող լմնցնեն ու ետքը Կահաթի որդիները թող գան զանոնք վերցնեն. բայց սուրբ բաներու չդպչին, որպէս զի չմեռնին»։ Ասոնք են վկայութեան խորանին մէջի գոյքերը, որ Կահաթի որդիները պիտի կրեն։ Ահարոն քահանային որդին Եղիազարը լոյսի իւղին ու անուշահոտ խունկին եւ ամէն օրուան հացի ընծային ու օծման իւղին վրայ վերակացու պիտի ըլլայ եւ բոլոր խորանին ու անոր մէջի բոլոր բաներուն, սրբարանին ու անոր կարասիներուն վրայ վերակացու ըլլայ»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Ղեւտացիներուն մէջէն Կահաթեաններուն տոհմերուն ցեղը մի՛ կորսնցնէք. Բայց անոնց հետ այնպէս վարուեցէք, որ սուրբ բաներուն մօտեցած ատեննին ողջ մնան ու չմեռնին։ Ահարոն ու իր որդիները թող գան ու անոնցմէ իւրաքանչիւրին պաշտօնն ու գործը որոշեն։ Բայց երբ սուրբ բաները կը ծածկեն, անոնք տեսնելու համար թող ներս չմտնեն, որպէս զի չմեռնին»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Գերսոնին որդիներուն մարդահամարն ալ առ, իրենց հայրերուն տուներուն ու իրենց տոհմերուն համեմատ։ Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը համրէ, բոլոր անոնք որ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար կրնան մտնել։ Գերսոնեաններուն տոհմերուն ծառայելու ու բեռ վերցնելու պաշտօնը այս է. Անոնք պիտի վերցնեն խորանին վարագոյրները ու վկայութեան խորանը, անոր ծածկոցն ու անոր վրայի թէհաշի ծածկոցը եւ վկայութեան խորանին դրանը վարագոյրը Եւ խորանին ու սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին վարագոյրներն ու սրահը մտնելու դրան վարագոյրն ու անոնց չուանները եւ անոնց պաշտամունքին բոլոր գործիքները պիտի վերցնեն ու ասոնց հարկաւոր եղած բոլոր սպասաւորութիւնները պիտի ընեն։ Գերսոնեաններուն որդիներուն բոլոր պաշտօնը, իրենց բոլոր բեռներուն ու իրենց բոլոր պաշտօններուն համար՝ Ահարոնին ու անոր որդիներուն հրամանովը պիտի ըլլայ։ Անոնց բոլոր բեռները իրենց պահպանութեանը պէտք է յանձնէք»։ Գերսոնեաններուն որդիներուն տոհմերուն պաշտօնը այս է վկայութեան խորանին մէջ։ Անոնց պահպանութիւնը Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին ձեռքին տակ պիտի ըլլայ։ Մերարիին որդիներն ալ համրէ, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ. Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը։ Անոնք որ վկայութեան խորանին ծառայութիւն ընելու համար կրնան մտնել՝ համրէ՛։ Եւ վկայութեան խորանին մէջ անոնց բոլոր պաշտօններուն համեմատ՝ անոնց յանձնուած բեռները ասոնք են՝ խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը եւ անոր սիւները եւ խարիսխները Եւ շուրջանակի սրահին սիւներն ու անոնց խարիսխները եւ ցիցերն ու չուանները՝ անոնց բոլոր գործիքներովը։ Անոնց բոլոր պաշտօնը, անոնց պահպանութեան բեռները եւ գործիքները անուններովը պիտի յանձնէք իրենց ։ Այս է Մերարիին որդիներուն տոհմերուն պաշտօնը վկայութեան խորանին մէջ, իրենց բոլոր պաշտօններուն համեմատ՝ Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին ձեռքին տակ»։ Մովսէս ու Ահարոն եւ ժողովուրդին իշխանները համրեցին Կահաթեաններուն որդիները անոնց տոհմերուն ու անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ։ Երեսուն տարեկանէն մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները Ու անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երկու հազար եօթը հարիւր յիսուն հոգի էին։ Ասոնք են վկայութեան խորանին բոլոր ծառայութիւնը ընող Կահաթեաններուն տոհմերուն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրեր էր։ Գերսոնին որդիներուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները համրուեցան ։ Անոնց համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ երկու հազար վեց հարիւր երեսուն հոգի էին։ Ասոնք են վկայութեան խորանին մէջ բոլոր ծառայութիւն ընող Գերսոնի որդիներուն տոհմերէն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին Տէրոջը պատուիրածին պէս։ Մերարիին որդիներուն տոհմերուն համրուածները իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ ծառայութիւն ընելու կարողները համրուեցան ։ Եւ անոնց համրուածները իրենց տոհմերովը երեք հազար երկու հարիւր հոգի էին։ Ասոնք են Մերարիին որդիներուն տոհմերուն համրուածները, որոնք Մովսէս ու Ահարոն համրեցին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին։ Ղեւտացիներուն բոլոր համրուածները՝ որոնք Մովսէս ու Ահարոն եւ Իսրայէլի իշխանները համրեցին իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, Երեսուն տարեկանէն վեր մինչեւ յիսուն տարեկանը՝ վկայութեան խորանին մէջ պաշտօն ու բեռ կրելու ծառայութիւնը ընելու բոլոր կարողները, Այսինքն անոնց համրուածները ութ հազար հինգ հարիւր ութսուն հոգի էին։ Անոնք Տէրոջը պատուիրածին պէս համրուեցան Մովսէսին ձեռքով, ամէն մէկը իր պաշտօնին ու բեռին նայելով. այսպէս համրուեցան անոնք, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Հրաման ըրէ Իսրայէլի որդիներուն, որ բանակէն դուրս ձգեն ամէն բորոտ եւ ամէն ծորում ունեցող եւ մեռելի մը դպչելով անմաքուր եղողը։ Արուն ալ էգն ալ դուրս ձգեցէք. բանակէն դուրս պէտք է ձգէք զանոնք, որպէս զի չպղծեն իրենց բանակները՝ որոնց մէջտեղը ես կը բնակիմ»։ Եւ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին ու բանակէն դուրս ձգեցին զանոնք։ Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց, այնպէս ըրին Իսրայէլի որդիները։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, Երբ մարդ մը կամ կին մը մարդոց բոլոր մեղքերէն մէկը գործելով՝ Տէրոջը դէմ մեղանչէ, այդ անձը յանցաւոր կ’ըլլայ, Այն ատեն իր ըրած մեղքը պէտք է խոստովանի եւ անիկա իր ըրած վնասը լման պէտք է հատուցանէ ու անոր վրայ մէկ հինգերորդը աւելցնէ ու վնասը քաշողին տայ։ Եւ եթէ այն վնաս քաշող մարդը ոեւէ ազգական չունենայ, որուն այդ վնասը հատուցուի, այն ատեն եղած վնասը Տէրոջը հատուցուելով, քահանային պէտք է ըլլայ բացի քաւութեան խոյէն, որով այն յանցաւոր մարդուն համար քաւութիւն պիտի ըլլայ։ Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաները եւ ամէն ընծայ որ կը բերեն քահանային, անոր պէտք է ըլլայ։ Եւ ոեւէ մարդու սուրբ բաները անոր պէտք է ըլլան։ Ամէն մարդ ինչ որ տայ քահանային, անորը պիտի ըլլայ»։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Եթէ մարդու մը կինը խոտորի ու անոր անհաւատարմութիւն ընէ Եւ մէկը անոր հետ պառկելով զուգաւորուի ու անոր այրը տեսած չըլլալով բանը գաղտուկ մնայ եւ անոր պղծուած ատենը տեսնող մը չըլլայ ու կինը չբռնուի Եւ էրկանը մէջ կասկած արթննալով՝ իր կնոջ պղծուելուն համար կասկածի, կամ կինը պղծուած չըլլալով էրկանը մէջ կասկած արթննայ ու կասկածի, Այն ատեն այն մարդը իր կինը քահանային պէտք է բերէ եւ անոր իբր ընծայ գարիի ալիւրէն արդուին մէկ տասներորդ բաժինը պէտք է բերէ. իւղ պէտք չէ թափէ անոր վրայ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ վրան, վասն զի կասկածամտութեան ընծայ մըն է ան, յիշատակի ընծայ, որ մեղքը կը յիշատակէ։ Քահանան կինը թող մօտեցնէ ու Տէրոջը առջեւ կանգնեցնէ։ Եւ քահանան հողէ ամանով սուրբ ջուր թող առնէ ու քահանան խորանին յատակը եղած հողէն առնէ եւ ջուրին մէջ դնէ։ Քահանան Տէրոջը առջեւ թող կանգնեցնէ կինը ու կնոջ գլուխը բանայ եւ յիշատակի ընծան, այսինքն կասկածամտութեան ընծան, անոր ձեռքը տայ ու անէծքին լեղի ջուրը քահանան իր ձեռքը պէտք է ունենայ։ Քահանան անոր թող երդում ընել տայ ու ըսէ կնոջը. ‘Եթէ մարդ մը քեզի հետ չպառկեցաւ եւ եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով չպղծուեցար, անէծքին այս լեղի ջուրը քեզի վնաս մը թող չընէ. Բայց եթէ քու էրկանդ անհաւատարմութիւն ընելով պղծուեցար եւ քու այրէդ զատ ուրիշ մարդ մը քեզի հետ պառկեցաւ, (Այն ատեն քահանան կնոջ անէծքի երդում ընել պիտի տայ եւ քահանան կնոջ պիտի ըսէ,) Տէրը քեզ քու ժողովուրդիդ մէջտեղը անէծքի ու երդումի համար թող դնէ, երբ Տէրը քու զիստդ փտտեցնէ ու քու փորդ ուռեցնէ Եւ այս անէծքին ջուրը քու աղիքներուդ մէջ թող երթայ, որպէս զի քու փորդ ուռեցնէ ու քու զիստդ փտտեցնէ՛’։ Եւ կինը թող ըսէ. ‘Ամէն, ամէն’։ Եւ քահանան այս անէծքները գրքի մը մէջ թող գրէ ու այդ լեղի ջրովը թող աւրէ։ Եւ անէծքին լեղի ջուրը այն կնոջ թող խմցնէ ու անէծքին ջուրը անոր ներսիդին պիտի երթայ եւ ցաւեր յառաջացնէ։ Եւ քահանան կնոջ ձեռքէն կասկածամտութեան ընծան թող առնէ ու Տէրոջը առջեւ երերցնէ եւ սեղանին մօտեցնէ զայն։ Եւ քահանան ընծայէն իր ձեռքը թող առնէ յիշատակի համար ու սեղանին վրայ այրէ զայն ու ետքը այն ջուրը կնոջ թող խմցնէ։ Եւ ջուրը անոր խմցնելէն յետոյ՝ եթէ անիկա պղծուած ու իր էրկանը անհաւատարմութիւն ըրած է, անէծքին ջուրը լեղի ըլլալով՝ երբ մտնէ անոր ներսիդին, անոր փորը պիտի ուռի ու անոր զիստը փտտի՝ կինը իր ժողովուրդին մէջ անիծեալ թող ըլլայ։ Իսկ եթէ կինը պղծուած չըլլալով մաքուր է, վնաս պիտի չկրէ ու զաւակ պիտի ծնանի։ Կասկածամտութեան օրէնքը այս է, երբ կին մը իր էրկանը անհաւատարմութիւն ընելով պղծուի, Կամ երբ մարդու մը մէջ կասկածամտութեան ոգի գայ ու կնոջ վրայ կասկածի, Տէրոջը առջեւ պիտի կանգնեցնէ կինը եւ քահանան կատարէ այս բոլորը անոր վրայ Եւ այն մարդը ազատ պիտի ըլլայ յանցանքէն, բայց կինը իր յանցանքը պիտի կրէ»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Եթէ մարդ մը կամ կին մը ինքզինք Տէրոջը նուիրէ եւ ուխտի կամ նուիրման զաւակ ըլլայ, Գինիէ եւ օղիէ պէտք է զգուշանայ. գինիի քացախ կամ օղիի քացախ պէտք չէ խմէ եւ բնաւ խաղողի օշարակ պէտք չէ խմէ ու խաղող կամ չամիչ պէտք չէ ուտէ։ Ինքզինք նուիրելէ ետք որթատունկէն եղած բան մը պէտք չէ ուտէ, կուտերէն մինչեւ կեղեւը։ Ինքզինք նուիրելէ ետք իր գլխուն ածելի պէտք չէ զարնէ. մինչեւ ինքզինք Տէրոջը նուիրած օրերը լմննան՝ ինք սուրբ պէտք է ըլլայ եւ իր գլխու մազերը պէտք է թողու որ աճին։ Ինքզինք Տէրոջը նուիրած բոլոր օրերը մեռած մարմնի մը պէտք չէ մօտենայ. Իր հօրը համար կամ մօրը համար, իր եղբօրը կամ իր քրոջը համար ինքզինք պէտք չէ պղծէ, երբ անոնք մեռնին, քանզի իր Աստուծոյն ուխտը իր գլխուն վրայ է։ Որքան ատեն որ ինքզինք նուիրած է, բոլոր օրերը ինք սուրբ է Տէրոջը։ Եւ եթէ իր քով յանկարծ մարդ մը մեռնի ու իր նուիրած գլուխը պղծուի, մաքրուելու համար իր գլուխը պէտք է ածիլէ. եօթներորդ օրը ածիլէ զայն Եւ ութերորդ օրը վկայութեան խորանին դուռը երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ պէտք է բերէ քահանային։ Քահանան մէկը՝ իբր մեղքի պատարագ ու միւսը իբր ողջակէզ պիտի մատուցանէ եւ մեռելին պատճառած մեղքին համար քաւութիւն պիտի ընէ անոր ու այն օրը պիտի սրբէ անոր գլուխը։ Իր ուխտին օրերը Տէրոջը պէտք է նուիրէ ու յանցանքի պատարագի համար մէկ տարեկան գառնուկ մը բերէ առանց նախկին օրերը համրելու, որովհետեւ իր ուխտը պղծուեցաւ։ Ուխտաւորին օրէնքը այս է՝ Երբ ինքզինք նուիրելու օրերը լմննան, անիկա վկայութեան խորանին դուռը պէտք է բերուի Եւ իր զոհը Տէրոջը պէտք է մատուցանէ։ Մէկ տարեկան անարատ արու գառնուկ մը ողջակէզի համար ու մէկ տարեկան անարատ էգ գառնուկ մը մեղքի պատարագի համար եւ անարատ խոյ մը խաղաղութեան զոհի համար։ Սակառ մը բարակ ալիւրէ իւղով շաղուած թթխմորի շօթեր ու իւղով օծուած առանց թթխմորի լաւաշներ եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէ ։ Քահանան անոր մեղքի պատարագը ու անոր ողջակէզը Տէրոջը առջեւ մօտեցնելով պէտք է մատուցանէ։ Խոյը իբր խաղաղութեան զոհ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը՝ առանց թթխմորի հացին սակառովը ու քահանան անոր հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէ։ Ուտաւորը իր նուիրած գլուխը պէտք է ածիլէ վկայութեան խորանին դուռը ու իր նուիրած գլխուն մազը թող առնէ եւ խաղաղութեան զոհին տակ եղած կրակին մէջ թող նետէ։ Քահանան խոյէն՝ եփած թեւը եւ սակառէն առանց թթխմորի շօթ մը ու մէկ լաւաշ առնէ եւ ուխտաւորին ձեռքերուն վրայ դնէ մազերուն ածիլուելէն ետքը։ Եւ քահանան իբր երերցնելու ընծայ թող մատուցանէ զանոնք Տէրոջը առջեւ։ Ասոնք երերցնելու երբուծով ու բարձրացնելու զիստով քահանային համար սուրբ են եւ անկէ յետոյ ուխտաւորը գինի թող խմէ։ Ուխտաւորի մը ու անոր նուիրուելուն համար Տէրոջը խոստացած իր ընծային օրէնքը այս է՝ իր ձեռքը հասածէն զատ։ Անիկա իր ըրած խոստումը իր նուիրուելուն օրէնքովը պէտք է կատարէ»։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ ըսէ՛. Այսպէս պիտի օրհնէք Իսրայէլի որդիները՝ ըսելով անոնց. ‘Տէրը օրհնէ քեզ եւ պահէ քեզ. Տէրը պայծառացնէ իր երեսը քու վրադ ու ողորմի քեզի. Տէրը իր երեսը քու վրադ վերցնէ եւ խաղաղութիւն տայ քեզի’։ Եւ իմ անունս Իսրայէլի որդիներուն վրայ պիտի դնեն ու ես պիտի օրհնեմ զանոնք»։ Այն օրը երբ Մովսէս լմնցուց խորանին կարգադրութիւնը եւ զանիկա ու անոր բոլոր անօթները օծեց ու սրբեց եւ սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները օծեց ու զանոնք սրբեց, Այն ատեն Իսրայէլի իշխանները՝ իրենց հայրերուն տանը գլուխները՝ ժողովուրդը համրելու վերակացու իշխանները՝ ընծաներ տուին։ Եւ բերին իրենց ընծաները Տէրոջը առջեւ, վեց ծածկուած սայլեր եւ տասներկու եզներ. ամէն երկու իշխանները՝ մէկ սայլ եւ ամէն մէկը՝ մէկմէկ եզ եւ մօտեցուցին զանոնք վկայութեան խորանին առջեւ։ Այն ատեն Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Անոնցմէ ա՛ռ ու Ղեւտացիներուն տո՛ւր ատոնք՝ ամէն մէկուն իր պաշտօնին նայելով, որպէս զի վկայութեան խորանին պաշտամունքին ատեն գործածուին»։ Մովսէս առաւ սայլերն ու եզները ու զանոնք Ղեւտացիներուն տուաւ։ Երկու սայլ ու չորս եզը Գերսոնին որդիներուն տուաւ՝ անոնց պաշտօնին նայելով Եւ չորս սայլը եւ ութը եզը Մերարիին որդիներուն տուաւ, Ահարոն քահանային որդիին Իթամարին վերակացութեամբ եղած անոնց պաշտօնին նայելով։ Բայց Կահաթին որդիներուն չտուաւ. քանզի անոնք սուրբ անօթներուն հոգատարութիւնը ստանձնած էին եւ իրենց ուսերով կը կրէին զանոնք։ Եւ սեղանին օծման օրը անոր նուիրման հանդէսին համար իշխանները ընծաներ տուին եւ իշխանները իրենց ընծաները սեղանին առջեւ մատուցանեցին։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Սեղանին նուիրման հանդէսին համար՝ ամէն մէկ իշխան մէկմէկ օր իրենց ընծաները թող մատուցանեն»։ Առաջին օրը իր ընծան մատուցանողը Յուդայի ցեղին իշխանը ՝ Ամինադաբին որդին Նաասոնն էր։ Եւ այս էր անոր ընծան՝ սրբարանին սիկղին համեմատ հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագին համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամինադաբին որդիին Նաասոնին ընծան էր այս։ Երկրորդ օրը մատուցանողը՝ Իսաքարի իշխանը Սովգարին որդին Նաթանայէլն էր։ Անոր մատուցանած ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սովգարին որդիին Նաթանայէլին ընծան էր այս։ Երրորդ օրը մատուցանողը Զաբուղոնի որդիներուն իշխանը Քեղոնին որդին Եղիաբն էր։ Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ։ Քեղոնին որդիին Եղիաբին ընծան էր այս։ Չորրորդ օրը մատուցանողը ՝ Ռուբէնի որդիներուն իշխանը Սեդիուրին որդին Եղիսուրն էր։ Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ հարիւր երեսուն սիկղէ արծաթ սկուտեղ, Եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սեդիուրին որդիին Եղիսուրին ընծան էր այս։ Հինգերորդ օրը մատուցանողը ՝ Շմաւոնի որդիներուն իշխանը Սուրիսադային որդին Սաղամիէլն էր։ Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Սուրիսադային որդիին Սաղամիէլին ընծան էր այս։ Վեցերորդ օրը մատուցանողը ՝ Գադի որդիներուն իշխանը Դագուէլին որդին Եղիասափն էր։ Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Դագուէլին որդիին Եղիասափին ընծան էր այս։ Եօթներորդ օրը մատուցանողը ՝ Եփրեմի որդիներուն իշխանը Ամիուդին որդին Եղիսաման էր։ Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամիուդին որդիին Եղիսամային ընծան էր այս։ Ութերորդ օրը մատուցանողը ՝ Մանասէի որդիներուն իշխանը Փադասուրին որդին Գամաղիէլն էր։ Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Փադասուրին որդիին Գամաղիէլին ընծան էր այս։ Իններորդ օրը մատուցանողը ՝ Բենիամինի որդիներուն իշխանը Գեդէօնիին որդին Աբիդանն էր։ Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Գեդէօնիին որդիին Աբիդանին ընծան էր այս։ Տասներորդ օրը մատուցանողը ՝ Դանի որդիներուն իշխանը Ամիսադային որդին Աքիեզերն էր։ Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ամիսադային որդիին Աքիեզերին ընծան էր այս։ Տասնըմէկերորդ օրը մատուցանողը ՝ Ասերի որդիներուն իշխանը Եքրանին որդին Փագիէլն էր։ Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Եքրանին որդիին Փագիէլին ընծան էր այս։ Տասնըերկրորդ օրը մատուցանողը ՝ Նեփթաղիմի որդիներուն իշխանը Ենանին որդին Աքիրէն էր։ Անոր ընծան այս էր՝ սրբարանին սիկղին համեմատ, հարիւր երեսուն սիկղէ մէկ արծաթ սկուտեղ, եօթանասուն սիկղէ մէկ արծաթ կոնք, երկուքն ալ լեցուն էին հացի ընծայի համար իւղով շաղուած բարակ ալիւրով, Տասը սիկղ ոսկիէ մէկ խնկաման խունկով լեցուն, Մէկ զուարակ, մէկ խոյ եւ մէկ տարեկան մէկ գառ ողջակէզի համար, Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագի համար Եւ խաղաղութեան զոհի համար երկու արջառ, հինգ խոյ, հինգ նոխազ եւ հինգ հատ մէկ տարեկան գառ. Ենանին որդիին Աքիրէին ընծան էր այս։ Սեղանին օծուած օրը անոր նուիրման հանդէսին համար Իսրայէլի իշխաններէն նուիրուած ընծաները ասոնք էին՝ տասներկու արծաթ սկուտեղ, տասներկու արծաթ կոնք ու տասներկու ոսկի խնկաման, Ամէն մէկ արծաթ սկուտեղ հարիւր երեսուն սիկղէ եւ ամէն մէկ կոնք եօթանասուն սիկղէ էր. այս ամաններուն բոլոր արծաթը երկու հազար չորս հարիւր սիկղ էր, սրբարանին սիկղին համեմատ. Տասներկու ոսկի խնկաման, խունկով լեցուն, ամէն մէկ խնկաման, սրբարանին սիկղին համեմատ, տասնական սիկղ ըլլալով, խնկամաններուն բոլոր ոսկին հարիւր քսան սիկղ էր։ Ողջակէզի համար բոլոր արջառները տասներկու զուարակ, խոյերը տասներկու, մէկ տարեկան գառները տասներկու էին, իրենց հացի ընծայովը եւ մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազները տասներկու։ Եւ խաղաղութեան զոհի համար բոլոր արջառները քսանըչորս զուարակ էին, խոյերը վաթսուն, նոխազները վաթսուն եւ մէկ տարեկան գառները վաթսուն էին։ Այս էր սեղանին նուիրման ողջակէզը՝ անոր օծուելէն յետոյ։ Եւ երբ Մովսէս վկայութեան խորանը մտաւ Տէրոջը հետ խօսելու, այն ատեն իրեն հետ խօսողին ձայնը վկայութեան տապանակին վրայ եղած քաւութեան վրայէն եւ երկու քերովբէներուն մէջտեղէն, լսեց ու ինք Անոր հետ խօսեցաւ։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ՛ անոր. ‘Երբ ճրագները վառես, եօթը ճրագները աշտանակին առջեւի կողմէն լոյս պէտք է տան’»։ Եւ Ահարոն այնպէս ըրաւ. անոր ճրագները աշտանակին առջեւի կողմը զետեղեց լոյս տալու համար, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ Եւ աշտանակը այսպէս շինուած էր. կռածոյ ոսկիէ էր. անոր բունէն մինչեւ անոր ծաղիկները կռածոյ էին. Տէրոջը Մովսէսին ցուցուցած կաղապարին պէս՝ շինուեցաւ աշտանակը։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները ա՛ռ ու մաքրէ՛ զանոնք։ Այսպէս պիտի մաքրես զանոնք. մաքրութեան ջուր արսկէ անոնց վրայ ու անոնք իրենց բոլոր մարմինը թող ածիլեն եւ իրենց հանդերձները լուան ու մաքրուին։ Ետքը զուարակ մը թող առնեն ու անոր հացի ընծային համար իւղով շաղուած բարակ ալիւր. դուն ալ ուրիշ զուարակ մը առ մեղքի պատարագի համար։ Ղեւտացիները վկայութեան խորանին առջեւ մօտեցուր եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը հաւաքէ՛։ Ղեւտացիները Տէրոջը առջեւ մօտեցուր ու Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերը Ղեւտացիներուն վրայ թող դնեն։ Ահարոն Իսրայէլի որդիներուն կողմէն՝ Ղեւտացիները Տէրոջը առջեւ ընծայ թող մատուցանէ՝ ՝։ Անոնք Տէրոջը պաշտօնը կատարելու համար ըլլան։ Ղեւտացիները իրենց ձեռքերը զուարակներուն գլխուն վրայ թող դնեն ու Ղեւտացիներուն քաւութիւն ընելու համար մէկ զուարակը մեղքի պատարագ, իսկ միւսը իբր ողջակէզ մատուցանէ Տէրոջը։ Ղեւտացիները Ահարոնին ու անոր որդիներուն առջեւ կայնեցո՛ւր ու զանոնք իբր ընծայ մատուցանէ՛ Տէրոջը։ Այսպէս զատէ՛ Ղեւտացիները Իսրայէլի որդիներէն, որպէս զի Ղեւտացիները իմս ըլլան։ Անկէ յետոյ Ղեւտացիները վկայութեան խորանը թող մտնեն։ Այսպէս մաքրէ՛ զանոնք եւ իբր ընծայ մատուցանէ՛ զանոնք. Քանզի անոնք բոլորովին ինծի տրուած են Իսրայէլի որդիներէն։ Իսրայէլի որդիներուն մէջ մօրը արգանդը բացող բոլոր անդրանիկներուն տեղ ինծի առի զանոնք։ Վասն զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, թէ՛ մարդու եւ թէ՛ անասունի, իմս են. Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր անդրանիկները զարկած օրէս՝ զանոնք սրբեցի ինծի համար։ Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիները առի։ Իսրայէլի որդիներէն Ղեւտացիները բոլորովին Ահարոնին ու անոր որդիներուն տուի, որպէս զի վկայութեան խորանին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ծառայեն եւ Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ընեն, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն վրայ հարուած չգայ՝ երբ Իսրայէլի որդիները սրբարանին մօտենան»։ Մովսէս ու Ահարոն եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը՝ Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն. Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին անոնց Ու Ղեւտացիները մաքրուեցան եւ իրենց հանդերձները լուացին եւ Ահարոն իբր ընծայ մատուցանեց զանոնք Տէրոջը առջեւ ու Ահարոն անոնց համար քաւութիւն ըրաւ, որպէս զի զանոնք մաքրէ։ Եւ անկէ յետոյ Ղեւտացիները վկայութեան խորանը մտան՝ Ահարոնին ու անոր որդիներուն առջեւ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս ըրին Ղեւտացիներուն։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ղեւտացիներուն կանոնը այս է՝ Քսանըհինգ տարեկանէն վեր եղողները վկայութեան խորանին սպասարկող խումբին մէջ պէտք է մտնեն Եւ յիսուն տարեկան ըլլալէ ետքը պաշտօնէն պիտի դադարին ու ա՛լ պիտի չծառայեն։ Սակայն վկայութեան խորանին համար պիտի օգնեն իրենց եղբայրներուն, բայց ծառայութիւն պիտի չընեն։ Այսպէս ըրին Ղեւտացիներուն՝ իրենց պահպանութիւններուն համար։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինայի անապատին մէջ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան առաջին ամսուան մէջ՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիները որոշուած ժամանակին թող ընեն զատիկը։ Այս ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ պէտք է ընէք զայն՝ որոշուած ժամանակին՝ անոր բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր կարգադրութիւններուն համեմատ»։ Մովսէս պատուիրեց Իսրայէլի որդիներուն, որ զատիկը ընեն։ Անոնք առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ զատիկը ըրին Սինայի անապատին մէջ։ Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրած էր։ Գտնուեցան ոմանք, որոնք մարդու մեռելէ պղծուած ըլլալով, այն օրը չկրցան զատիկը ընել, այլ Մովսէսին ու Ահարոնին առջեւ եկան Եւ այն մարդիկը ըսին անոնց. «Մենք մարդու մեռած մարմինէ պղծուած ենք. ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն մէջ Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին մատուցանելէն արգիլուինք»։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Կեցէ՛ք, նայիմ, Տէրը ի՛նչ կը պատուիրէ ձեր մասին»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եթէ ձեզմէ կամ ձեր սերունդէն մէկը մեռած մարմինէ մը պղծուի կամ հեռաւոր ճամբորդութեան մէջ ըլլայ, անիկա ալ զատիկը պէտք է ընէ Տէրոջը. Երկրորդ ամսուան տասնըչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ, բաղարջով ու լեղի խոտերով պէտք է ուտեն զայն. Անկէ մինչեւ առտու բան մը պէտք չէ թողուն եւ անկէ ոսկոր մը պէտք չէ կոտրեն, այլ զատկին բոլոր կանոններուն համեմատ պէտք է ընեն զայն։ Բայց եթէ մաքուր եղող ու ճամբորդութեան մէջ չեղող մարդը զատիկը ընելը զանց ընէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, վասն զի Տէրոջը պատարագը իր որոշուած ժամանակին չմատուցանեց, ուստի այդ մարդը իր մեղքը պէտք է կրէ։ Եւ եթէ օտարական մը ձեր մէջ պանդխտանայ ու զատիկը ընել ուզէ Տէրոջը, զատկին կանոնին եւ անոր կարգադրութեանը համեմատ պէտք է ընէ. թէ՛ օտարականին եւ թէ՛ երկրին բնիկին համար մէկ կանոն պիտի ունենաք»։ Այն օրը, երբ խորանը կանգնուեցաւ, ամպը պատեց վկայութեան խորանը ու իրիկուընէ մինչեւ առտու խորանին վրայ կրակի երեւոյթով մնաց։ Միշտ այսպէս էր. ցորեկը ամպը կը ծածկէր զայն եւ գիշերը՝ կրակին երեւոյթը։ Ու երբ ամպը խորանէն վերնար, անկէ յետոյ Իսրայէլի որդիները կը չուէին եւ ուր որ ամպը կենար, հոն Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին։ Տէրոջը հրամանով Իսրայէլի որդիները կը չուէին եւ Տէրոջը հրամանով իջեւան կ’ընէին. ամպը խորանին վրայ որչափ ատեն որ կենար, անոնք իրենց վրաններուն մէջ կը մնային։ Եւ երբ ամպը շատ օրեր խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները Տէրոջը պատուէրը կը պահէին ու չէին չուեր։ Նոյնպէս ալ երբ ամպը խորանին վրայ քիչ օր կենար, Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին ու Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին։ Նոյնպէս ալ երբ ամպը իրիկուընէ մինչեւ առտու մնար, առտուն ամպին վեր ելած ատենը կը չուէին. թէ՛ ցորեկ ըլլար եւ թէ՛ գիշեր, ամպին ելած ատենը կը չուէին. Կամ երկու օր, կամ մէկ ամիս եւ կամ մէկ տարի, որչափ ամպը խորանին վրայ մնար, Իսրայէլի որդիները իջեւան կ’ընէին ու չէին չուեր. բայց երբ վերնար, կը չուէին։ Տէրոջը հրամանին համեմատ իջեւան կ’ընէին եւ Տէրոջը հրամանին համեմատ կը չուէին. Մովսէսին միջոցով տրուած Տէրոջը հրամանին համեմատ, Տէրոջը պատուէրը կը պահէին։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Քեզի երկու հատ արծաթէ փող շինէ՛. կռածոյ շինէ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդը կանչելու համար ու բանակներուն չուելուն համար գործածես։ Երբ զանոնք հնչեցնեն, բոլոր ժողովուրդը քովդ պիտի հաւաքուի վկայութեան խորանին դուռը։ Եւ եթէ փողին մէկը հնչեցնեն, իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները, քովդ պէտք է հաւաքուին։ Եւ երբ ազդարարութեան համար հնչեցնէք, արեւելքը իջեւանող բանակները պիտի չուեն։ Ու երբ երկրորդ անգամ ազդարարութեան փողը հնչեցնէք, հարաւային կողմը իջեւան ընող բանակները պիտի չուեն։ Անոնց չուելուն համար ազդարարութեան փողը պէտք է հնչեցնեն։ Եւ երբ ժողովուրդը հաւաքելու ըլլաք, փող պիտի հնչեցնէք, բայց ազդարարութիւն մի՛ ընէք։ Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ պէտք է փողը հնչեցնեն եւ ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ Եթէ պատերազմելու երթաք ձեր երկրին մէջ ձեզի նեղութիւն տուող թշնամիին դէմ, փողերով ազդարարութիւն պէտք է ընէք, որպէս զի յիշուիք Տէրոջը՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ եւ ձեր թշնամիներէն ազատուիք։ Ձեր ուրախութեան օրերուն ու ձեր տօներուն եւ ձեր ամսագլուխներուն մէջ փողերը պէտք է հնչեցնէք ձեր ողջակէզներուն վրայ ու ձեր խաղաղութեան զոհերուն վրայ, որպէս զի ձեզի յիշատակի համար ըլլան ձեր Աստուծոյն առջեւ։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ Երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան քսաներորդ օրը վկայութեան խորանին վրայէն ամպը վեր ելաւ։ Իսրայէլի որդիները իրենց իջեւանին՝ Սինայի անապատէն չուեցին ու ամպը Փառանի անապատին մէջ կեցաւ։ Մովսէսին միջոցով տրուած Տէրոջը հրամանին պէս չուեցին։ Առաջ Յուդայի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Ամինադաբին որդին Նաասոնն էր։ Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սովգարին որդին Նաթանայէլն էր։ Զաբուղոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Քեղոնին որդին Եղիաբն էր։ Եւ խորանը վար իջեցուցին ու խորանը վերցնող Գերսոնին որդիները եւ Մերարիին որդիները չուեցին։ Ռուբէնին բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Սեդիուրին որդին Եղիսուրն էր։ Եւ Շմաւոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սուրիսադային որդին Սաղամիէլն էր Եւ Գադի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Դագուէլին որդին Եղիասափն էր։ Եւ սրբարանը վերցնող Կահաթացիները չուեցին ու խորանը կը կեցնէին մինչեւ անոնց գալը։ Եւ Եփրեմի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Ամիուդին որդին Եղիսաման էր։ Եւ Մանասէի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Փադասուրին որդին Գամաղիէլն էր։ Եւ Բենիամինի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Գեդէօնիին որդին Աբիդանն էր։ Եւ Դանի որդիներուն բանակին դրօշակը իրենց գունդերուն կարգովը բոլոր բանակներուն ետեւէն չուեց՝ ՝ ու անոր գունդին վրայ Ամիսադային որդին Աքիեզերն էր։ Եւ Ասերի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Եքրանին որդին Փագիէլն էր։ Եւ Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Ենանին որդին Աքիրէէն էր։ Իսրայէլի որդիները այս կարգով պիտի չուէին իրենց գունդերով։ Մովսէս իր աներոջ, այսինքն Մադիանացի Ռագուէլին որդիին Յոբաբին ըսաւ. «Մենք կը չուենք այն տեղը՝ որուն համար Տէրը ըսաւ թէ՝ ‘Ձեզի պիտի տամ’. մեզի հետ եկո՛ւր ու բարիք պիտի ընենք քեզի. վասն զի Տէրը Իսրայէլի բարիք խոստացաւ՝ ՝»։ Եւ աները ըսաւ անոր. «Չեմ երթար, այլ իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս պիտի երթամ»։ Եւ Մովսէս ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, մեզ մի՛ թողուր. քանզի անապատին մէջ մեր իջեւան ընելու տեղերը գիտես ու մեզի առաջնորդ եղիր։ Եթէ մեզի հետ երթալու ըլլաս, ինչ բարութիւն որ Տէրը մեզի ընէ, մենք ալ քեզի նոյն բարութիւնը պիտի ընենք»։ Անոնք Տէրոջը լեռնէն երեք օրուան ճամբայ չուեցին ու Տէրոջը ուխտին տապանակը երեք օրուան ճամբայով անոնց առջեւէն կ’երթար, անոնց հանգստանալու տեղ գտնելու համար։ Եւ երբ բանկատեղիէն կը չուէին, Տէրոջը ամպը ցորեկը անոնց վրայ էր։ Տապանակին չուելու ատենը Մովսէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ով Տէ՛ր ու քու թշնամիներդ թող ցրուին ու քեզ ատողները առջեւէդ փախչին»։ Եւ անոր կենալու ատենը ինք կ’ըսէր. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի հազարաւոր բիւրաւորներուն դարձի՛ր»։ Ժողովուրդը չարաչար կը տրտնջէր Տէրոջը առջեւ։ Տէրը լսեց եւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու Տէրոջը կրակը վառեցաւ անոնց մէջ եւ բանակին ծայրերը եղողները կորսնցուց։ Ժողովուրդը աղաղակեց Մովսէսին ու Մովսէս աղօթեց Տէրոջը եւ կրակը դադրեցաւ։ Եւ այն տեղին անունը Տաբերա դրաւ, քանի որ Տէրոջը կրակը անոնց մէջ այրեցաւ։ Եւ անոնց մէջի խառնիճաղանճ բազմութիւնը շատ բաներու ցանկացին ու Իսրայէլի որդիներն ալ դարձեալ լացին ու ըսին. «Ո՞վ մեզի ուտելու միս պիտի տայ. Եգիպտոսի մէջ մեր ձրի կերած ձուկերը, վարունգներն ու սեխերը եւ պրասներն ու սոխերը եւ սխտորները միտքերնիս կու գան։ Եւ հիմա մեր անձը չորցաւ. մանանայէն զատ ուրիշ բան մը չկայ աչքերնուս առջեւ»։ Եւ մանանան գինձի սերմի պէս ու անոր գոյնը սուտակի գոյնի պէս էր։ Ժողովուրդը կը պտըտէր ու կը հաւաքէր զայն եւ աղացքի մէջ կ’աղային կամ անկանի մէջ կը ծեծէին եւ պտուկներու մէջ կ’եփէին ու անկէ շօթեր կը շինէին եւ անոր համը իւղոտ գաթաներու համին պէս էր։ Գիշերը երբ բանակին վրայ ցօղ կ’իջնէր, մանանան ալ անոր վրայ կ’իջնէր։ Այն ատեն Մովսէս լսեց որ ժողովուրդը իրենց տոհմերովը՝ ամէն մէկը իր վրանին դուռը կու լան եւ Տէրոջը բարկութիւնը խիստ բորբոքեցաւ ու Մովսէսին ալ գէշ երեւցաւ այս բանը ։ Եւ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը, «Ինչո՞ւ քու ծառադ չարչարեցիր ու ինչո՞ւ քու առջեւդ շնորհք չգտայ որ այս բոլոր ժողովուրդին բեռը իմ վրաս կը դնես։ Միթէ ե՞ս եմ յղացեր այս բոլոր ժողովուրդը կամ ե՞ս եմ ծներ ասոնք, որ ինծի կ’ըսես՝ ‘Դայեակի մը կաթնկեր տղան գիրկը առնելուն պէս զանոնք գիրկդ ա՛ռ ու տա՛ր մինչեւ այն երկիրը, որ անոնց հայրերուն տալու երդում ըրի’։ Ես ուրկէ՞ միս ճարեմ, որ այս բոլոր ժողովուրդին տամ. քանզի իմ բոլորտիքս կու լան ու կ’ըսեն. ‘Միս տո՛ւր մեզի, որ ուտենք’։ Ես մինակ չեմ կրնար կրել այս բոլոր ժողովուրդին հոգը, վասն զի այս ինծի շատ ծանր է։ Եւ եթէ ինծի այսպէս պիտի ընես, կ’աղաչեմ, մէկէն մեռցո՛ւր զիս, եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, որպէս զի իմ չարիքս չտեսնեմ»։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ինծի Իսրայէլի ծերերէն եօթանասուն հոգի հաւաքէ, որոնք դուն կը ճանչնաս որպէս ժողովուրդին ծերերն ու գլխաւորները եւ զանոնք վկայութեան խորանը բե՛ր ու հոն քեզի հետ թող կենան։ Ես հոն պիտի իջնեմ ու խօսիմ քեզի հետ եւ քու վրադ եղած Հոգիէն պիտի առնեմ ու անոնց վրայ պիտի դնեմ, որպէս զի ժողովուրդին բեռը վերցնեն քեզի հետ ու դուն մինակ չվերցնես։ Եւ ըսէ՛ ժողովուրդին. ‘Վաղուան համար սրբուեցէ՛ք, որ միս ուտէք. վասն զի Տէրոջը առջեւ լացիք՝ ըսելով. «Ո՞վ մեզի միս պիտի կերցնէ. քանզի Եգիպտոսի մէջ աղէկ կ’ապրէինք». ուստի Տէրը ձեզի միս պիտի տայ ու դուք պիտի ուտէք։ Դուք ո՛չ միայն մէկ օր պիտի ուտէք եւ ո՛չ երկու օր, ո՛չ հինգ օր, ո՛չ տասը օր, ո՛չ ալ քսան օր. Լման մէկ ամիս մինչեւ քթերնէդ դուրս գալը պիտի ուտէք, այնպէս որ զզուիք որովհետեւ ձեր մէջ եղող Տէրը արհամարհեցիք եւ անոր առջեւ լացիք ըսելով՝ «Ինչո՞ւ մենք Եգիպտոսէն ելանք»’»։ Բայց Մովսէս ըսաւ. «Այս ժողովուրդը, որոնց մէջ կը գտնուիմ, վեց հարիւր հազար հետեւակ հոգի են ու դուն ըսիր՝ ‘Ես անոնց միս պիտի տամ, որ լման մէկ ամիս ուտեն’. Անոնց բաւելու համար միթէ բոլոր ոչխարներն ու արջառները պէտք է մորթուի՞ն. կամ ծովուն բոլոր ձուկերը մէկտեղ հաւաքուի՞ն»։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Միթէ տկա՞ր է Տէրոջը ձեռքը. հիմա կը տեսնես թէ քեզի ըսածիս պէս պիտի ըլլա՞յ թէ ոչ»։ Եւ Մովսէս ելաւ ու Տէրոջը խօսքերը ժողովուրդին իմացուց եւ ժողովուրդին ծերերէն եօթանասուն հոգի զատեց ու զանոնք վկայութեան խորանին բոլորտիքը կայնեցուց։ Եւ Տէրը ամպի մը մէջ իջաւ ու անոր հետ խօսեցաւ եւ անոր վրայ եղած Հոգիէն առաւ ու այն եօթանասուն ծերերուն վրայ դրաւ եւ երբ Հոգին անոնց վրայ հանգչեցաւ՝ մարգարէութիւն ըրին, բայց անկէ յետոյ չըրին՝ ՝։ Եւ երկու հոգի բանակին մէջ մնացին, մէկուն անունը Ելդադ էր ու միւսին անունը՝ Մովդադ եւ Հոգին հանգչեցաւ անոնց վրայ ու անոնք արձանագրուածներէն էին, վկայութեան խորանը եկած չէին, բայց բանակին մէջ մարգարէութիւն կ’ընէին։ Պատանի մը վազեց ու պատմեց Մովսէսին եւ ըսաւ. «Ելդադ ու Մովդադ մարգարէութիւն կ’ընեն բանակին մէջ»։ Եւ Նաւէին որդին Յեսու, Մովսէսին ընտրեալ ծառան, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր իմ Մովսէս, արգիլէ՛ զանոնք »։ Եւ Մովսէս ըսաւ անոր. «Ինծի՞ համար կը նախանձիս. երանի՜ թէ Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը մարգարէներ ըլլային եւ Տէրը իր Հոգին անոնց վրայ դնէր»։ Մովսէս բանակը քաշուեցաւ, ինք ու Իսրայէլի ծերերը։ Եւ Տէրոջմէն հով մը ելաւ ու ծովուն կողմէն լորամարգիներ բերաւ ու բանակին վրայ մէկ օրուան ճամբայ մէկ կողմէն եւ մէկ օրուան ճամբայ միւս կողմէն՝ բանակին բոլորտիքը տարածեց, երկրի երեսէն երկու կանգունի չափ բարձր ։ Եւ ժողովուրդը այն բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը եւ հետեւեալ բոլոր օրը ելլելով՝ լորամարգիները հաւաքեց. ամենէն քիչ հաւաքողը տասը քոռ հաւաքեց եւ իրենց համար բանակին բոլորտիքը չորնալու փռեցին զանոնք ։ Եւ երբ դեռ միսը իրենց ակռաներուն վրայ էր, տակաւին չծամուած՝ Տէրոջը բարկութիւնը ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ ու Տէրը խիստ մեծ հարուածով զարկաւ ժողովուրդը։ Եւ այն տեղին անունը Կիբրօթ-Հաթթավա դրուեցաւ, վասն զի հոն թաղեցին ցանկացող ժողովուրդը։ Եւ Կիբրօթ-Հաթթավայէն Ասերովթ չուեց ժողովուրդը ու Ասերովթի մէջ մնացին։ Մարիամ ու Ահարոն Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ անոր առած եթովպիացի կնոջը համար, քանզի անիկա Եթովպիացի կին առեր էր Ու ըսին. «Միթէ Տէրը միայն Մովսէսի՞ն միջոցով խօսեցաւ։ Չէ՞ որ մեր միջոցով ալ խօսեցաւ»։ Տէրը լսեց։ Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի։ Իսկոյն Տէրը ըսաւ Մովսէսին ու Ահարոնին ու Մարիամին. «Դուք երեքդ ալ վկայութեան խորանը ելէ՛ք»։ Երեքն ալ ելան։ Եւ Տէրը ամպին սիւնովը իջաւ ու խորանին դուռը կեցաւ եւ Ահարոնն ու Մարիամը կանչեց։ Անոնք երկուքն ալ ելան։ Եւ Տէրը ըսաւ անոնց. «Հիմա իմ խօսքս լսեցէ՛ք։ Եթէ ձեզմէ մէկը մարգարէ ըլլայ, ես Տէրս ինքզինքս տեսիլքի մէջ կը ճանչցներ անոր, կամ երազի մէջ կը խօսիմ անոր հետ։ Բայց իմ ծառաս Մովսէս այնպէս չէ, որ իմ բոլոր տանս մէջ հաւատարիմ է. Անոր հետ բերնէ բերան, յայտնապէս կը խօսիմ եւ ոչ թէ առակով ու անիկա Տէրոջը կերպարանքը կը տեսնէ. ուստի իմ ծառայիս Մովսէսին դէմ խօսելու ինչո՞ւ չվախցաք»։ Եւ Տէրոջը բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ ու Ինք գնաց։ Եւ ամպը հեռացաւ վկայութեան խորանէն ու ահա Մարիամ ձիւնի պէս բորոտ եղաւ։ Ահարոն Մարիամին նայեցաւ եւ ահա անիկա բորոտ էր։ Եւ Ահարոն ըսաւ Մովսէսին. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, կ’աղաչէմ, մեզ մի՛ պատժեր մեր ըրած յիմարութեանը համար։ Մեղք գործեցինք։ Մարիամը թող չնմանի այն մեռած տղուն, որ իր մօրը արգանդէն ելած ատենը անոր մարմնին կէսը սպառուած է»։ Մովսէս աղաչեց Տէրոջը՝ ըսելով. «Կը խնդրեմ քեզմէ, ո՛վ Աստուած, բժշկէ՛ զանիկա»։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Եթէ անոր հայրը միայն անոր երեսը թքնելու ըլլար, եօթը օր պիտի չամչնա՞ր. թող անիկա եօթը օր բանակէն դուրս գոցուած պահուի ու անկէ յետոյ ընդունուի»։ Մարիամ բանակէն դուրս եօթը օր գոցուած մնաց ու ժողովուրդը չչուեց մինչեւ Մարիամին ընդունուիլը։ Անկէ յետոյ ժողովուրդը Ասերովթէն չուեցին ու Փառանի անապատը իջեւան ըրին։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Մարդիկ ղրկէ որ լրտեսեն Քանանի երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։ Անոնք, իրենց հայրերուն սերունդէն, մէկմէկ իշխան ըլլալու են»։ Մովսէս Տէրոջը հրամանին համեմատ ղրկեց զանոնք Փառանի անապատէն։ Անոնք Իսրայէլի որդիներուն գլխաւորներն էին, Որոնց անունները ասոնք են՝ Ռուբէնի ցեղէն՝ Զաքուրին որդին Սամուան, Շմաւոնի ցեղէն՝ Քոռիին որդին Սափատը, Յուդայի ցեղէն՝ Յեբոնէին որդին Քաղէբը, Իսաքարի ցեղէն՝ Յովսէփին որդին Իգաղը, Եփրեմի ցեղէն՝ Նաւէին որդին Օսէսը, Բենիամինի ցեղէն՝ Ռափուին որդին Փաղտին, Զաբուղոնի ցեղէն՝ Սուդիին որդին Գեդդիէլը Յովսէփի ցեղէն՝ այսինքն Մանասէի ցեղէն՝ Սուսիի որդին Գադդին, Դանի ցեղէն՝ Գամաղիին որդին Ամիէլը, Ասերի ցեղէն՝ Միքայէլի որդին Սաթուրը Նեփթաղիմի ցեղէն՝ Վափսիին որդին Նաբին, Գադի ցեղէն՝ Մաքքիին որդին Գուէլը։ Ասոնք են այն մարդոց անունները, որոնք Մովսէս ղրկեց երկիրը լրտեսելու։ Մովսէս Նաւէին որդիին Օսէսին անունը Յեսու դրաւ Եւ ղրկեց զանոնք Քանանի երկիրը լրտեսելու ու ըսաւ անոնց. «Այս հարաւային կողմէն դէպի վեր երթալով, լեռը ելէ՛ք Եւ այն երկրին ինչպէս ըլլալը ու հոն բնակող ժողովուրդին զօրաւոր կամ տկար, քիչուոր կամ շատուոր ըլլալը տեսէ՛ք Եւ այն երկիրը, ուր անոնք կը բնակին, ինչպէս է, աղէ՞կ է թէ գէշ եւ ի՛նչպէս են այն քաղաքները, ուր անոնք կը բնակին, վրաններէ՞ բաղկացած են թէ պարսպապատ են։ Երկի՞րը ինչպէս է, բերրի՞ է թէ անբեր, մէջը ծառեր կա՞ն թէ ոչ։ Ժի՛ր եղէք ու այն երկրին պտուղէն բերէ՛ք»։ Եւ այն օրերը խաղողին հասուննալու ժամանակն էր։ Անոնք գացին ու այն երկիրը լրտեսեցին Սին անապատէն մինչեւ Րոոբ դէպի Եմաթ։ Հարաւային կողմէն ելան ու դէպի Քեբրոն եկան, ուր կը բնակէին Ենակի որդիները՝ Աքիման, Սէսի եւ Թոլմի։ (Քեբրոն Եգիպտոսի Տայանիս քաղաք էն եօթը տարի առաջ շինուած էր։) Եւ մինչեւ Եսքողի ձորը եկան ու անկէ խաղողի ողկոյզ մը կտրեցին ուռովը մէկտեղ եւ երկու հոգի ձողով վերցուցին զանիկա։ Նուռերէն ու թուզերէն ալ տարին ։ Իսրայէլի որդիներուն անկէ կտրած ողկոյզին համար այն տեղին անունը Եսքողի ձոր դրուեցաւ։ Քառասուն օր յետոյ այն երկիրը լրտեսելէն դարձան Եւ գալով հասան Մովսէսին ու Ահարոնին եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին, Փառանի անապատը՝ Կադէս եւ բոլոր ժողովուրդին լուր բերին եւ երկրին պտուղը ցուցուցին անոնց։ Պատմեցին Մովսէսին ու ըսին. «Գացինք այն երկիրը, ուր ղրկեցիր. իրաւցընէ կաթ ու մեղր կը բղխի հոն։ Ահա անոր պտուղը։ Բայց այն երկրին մէջ բնակող ժողովուրդը զօրաւոր է եւ քաղաքները պարսպապատ ու խիստ մեծ են. նաեւ հոն Ենակի որդիները տեսանք։ Ամաղեկացիները այն երկրին հարաւային կողմը կը բնակին ու Քետացիները եւ Յեբուսացիներն ու Ամօրհացիները լեռները կը բնակին եւ Քանանացիները ծովուն քով ու Յորդանանի եզերքը կը բնակին»։ Եւ Քաղէբ ժողովուրդը Մովսէսին առջեւ լռեցուց ու ըսաւ. «Աղէ՜կ, ելլե՛նք ու ժառանգենք զայն. քանզի մենք անշուշտ կրնանք անոր տիրել»։ Եւ անոր հետ գացող մարդիկը ըսին. «Մենք այն ժողովուրդին վրայ ելլելու կարող չենք, վասն զի անոնք մեզմէ զօրաւոր են»։ Եւ իրենց լրտեսած երկրին համար գէշ լուր բերին Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք լրտեսելու համար, իր բնակիչները ուտող երկիր մըն է եւ անոր մէջի ժողովուրդը, որ մենք տեսանք, յաղթահասակ մարդիկ են Եւ հոն տեսանք հսկաներ, Ենակի որդիները, որ հսկաներ են. այնպէս որ մենք մեր աչքին մարախի պէս երեւցանք եւ այնպէս ալ անոնց աչքին երեւցանք»։ Եւ բոլոր ժողովուրդը ձայնը վերցնելով աղաղակեց ու լացաւ այն գիշերը։ Իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ ու բոլոր ժողովուրդը ըսաւ անոնց. «Երանի՜ թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ մեռած ըլլայինք. կամ երանի՜ թէ այս անապատին մէջ մեռած ըլլայինք։ Ինչո՞ւ համար Տէրը մեզ այս երկիրը բերաւ, որ սրով իյնանք եւ մեր կիներն ու մեր որդիները յափշտակուին։ Աղէկ չը՞լլար որ Եգիպտոս դառնանք»։ Իրարու ըսին. « Մեզի զօրագլուխ մը ընտրենք ու Եգիպտոս դառնանք»։ Մովսէս ու Ահարոն իրենց երեսին վրայ ինկան Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին առջեւ։ Եւ երկիրը լրտեսողներէն Նաւէին որդին Յեսու ու Յեփոնէին որդին Քաղէբ իրենց հանդերձները պատռեցին Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք զանիկա լրտեսելու համար, խիստ լաւ երկիր մըն է Եթէ Տէրը մեզի հաճի, մեզ այն երկիրը տանի եւ զանիկա մեզի տայ, որ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մըն է։ Միայն թէ Տէրոջը դէմ ապստամբ մի՛ ըլլաք եւ այն երկրին ժողովուրդէն մի՛ վախնաք, քանզի անոնք մեր կերակուրն են. անոնց ապահովութիւնը գացած է իրենց վրայէն ու Տէրը մեզի հետ է։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք»։ Բայց բոլոր ժողովուրդը ուզեցին քարկոծել զանոնք։ Այն ատեն Տէրոջը փառքը վկայութեան խորանին մէջ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն երեւցաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ եւ մինչեւ ե՞րբ հակառակ բոլոր հրաշքներուս՝ պիտի չհաւատան ինծի։ Ես զանոնք ժանտախտով պիտի զարնեմ ու կորսնցնեմ զանոնք եւ քեզ անոնցմէ աւելի մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ընեմ»։ Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Այն ատեն Եգիպտացիները պիտի լսեն. (քանզի դուն քու ուժովդ այս ժողովուրդը անոնց մէջէն հանեցիր.) Եւ անոնք պիտի պատմեն այս երկրին բնակիչներուն. քանզի անոնք լսած են որ դուն, ո՛վ Տէր, այս ժողովուրդին մէջտեղն ես, որ դուն, ո՛վ Տէր, դէմ առ դէմ կը տեսնուիս եւ որ քու ամպդ անոնց վրայ կը կենայ եւ որ ցորեկը ամպի սիւնով ու գիշերը կրակի սիւնով կը քալես անոնց առջեւէն։ Հիմա եթէ այս ժողովուրդը մէկ մարդու պէս մեռցնելու ըլլաս, քու համբաւդ լսող ազգերը պիտի ըսեն՝ ‘Տէրը այս ժողովուրդը չկրցաւ տանիլ այն երկիրը, որ անոնց երդումով խոստացած էր, ուստի անապատին մէջ մեռցուց զանոնք’։ Եւ հիմա թող իմ Տէրոջս կարողութիւնը մեծ ըլլայ, ինչպէս խոստացար ըսելով՝ ‘Տէրը երկայնամիտ է եւ առատ՝ ողորմութիւնով, անօրէնութիւնն ու յանցանքը ներող. բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ՝ մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով’։ Կ’աղաչեմ, քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ներէ այս ժողովուրդին անօրէնութիւնը, ինչպէս ներեցիր այս ժողովուրդին Եգիպտոսէն մինչեւ հոս»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Քու խօսքիդ համեմատ ներեցի. Բայց կենդանի եմ ես, որ բոլոր երկիր Տէրոջը փառքովը պիտի լեցուի. Քանզի բոլոր այն մարդիկը, որոնք Եգիպտոսի մէջ ու անապատին մէջ իմ փառքս ու իմ ըրած հրաշքներս տեսան եւ մինչեւ հիմա զիս տասը անգամ փորձեցին ու իմ խօսքս մտիկ չըրին, Պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որ իրենց հայրերուն տալու երդում ըրի։ Զիս արհամարհողներէն մէ՛կն ալ պիտի չտեսնէ զայն. Բայց որովհետեւ իմ ծառաս Քաղէբ ուրիշ միտք ունեցաւ ու ինծի բոլոր սրտով հնազանդեցաւ՝ ՝, ես ալ զանիկա իր գացած երկիրը պիտի տանիմ եւ անոր սերունդը պիտի ժառանգէ զայն։ Քանի որ Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները ձորերու մէջ կը նստին, վաղը դարձէ՛ք եւ դէպի անապատը՝ Կարմիր ծովուն ճամբան չուեցէք»։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Մինչեւ ե՞րբ այս չար ժողովուրդին ինծի դէմ տրտնջելուն համբերեմ. ես լսեցի Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը, որ ինծի դէմ կը տրտնջեն։ Ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ինչպէս դուք իմ ականջներուս խօսեցաք, այնպէս պիտի ընեմ ձեզի. Ձեր դիակները այս անապատին մէջ պիտի իյնան եւ ձեր բոլոր հաշիւին համեմատ, ձեզմէ բոլոր համրուածները, քսան տարեկանէն վեր եղողները, դուք ամէնքդ, որ ինծի դէմ տրտնջեցիք, Անշուշտ պիտի չմտնէք այն երկիրը՝ որուն մէջ ձեզ բնակեցնելու երդում ըրի՝ ՝, բացի Յեփոնէին որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէին որդիէն՝ Յեսուէն։ Եւ ձեր որդիները, որոնց համար դուք ըսիք թէ պիտի յափշտակուին, զանոնք պիտի տանիմ եւ ձեր չհաւնած երկիրը անոնք պիտի տեսնեն։ Բայց ձեր դիակները այս անապատին մէջ պիտի իյնան։ Եւ ձեր որդիները անապատին մէջ քառասուն տարի պիտի մոլորին ու ձեր պոռնկութիւնները կրեն, մինչեւ որ ձեր դիակները անապատին մէջ սպառին’։ Ինչպէս երկիրը քառասուն օրուան մէջ լրտեսեցիք, այնպէս ալ այն օրերուն թիւին համեմատ՝ ամէն մէկ օրուան տեղ մէկմէկ տարի սեպելով ՝ քառասուն տարի պիտի կրէք ձեր անօրէնութիւնները, որ գիտնաք թէ ձեզմէ հեռացած եմ։ Ես Տէրս ըսի, Ինծի դէմ հաւաքուած այդ բոլոր չար ժողովուրդին անշուշտ պիտի ընեմ այս բանը. անոնք այս անապատին մէջ պիտի սպառին ու հոն մեռնին»։ Եւ այն մարդիկը, որոնք Մովսէս ղրկեց այն երկիրը լրտեսելու, որոնք դարձան ու երկրին վրայով գէշ լուր հանելով բոլոր ժողովուրդը անոր դէմ տրտնջելու գրգռեցին, Այն մարդիկը, որոնք այն երկրին վրայով գէշ լուր հանեցին, հարուածով մեռան Տէրոջը առջեւ։ Բայց Նաւէին որդին Յեսու եւ Յեփոնէին որդին Քաղէբ, որոնք երկիրը լրտեսելու գացող մարդոցմէն էին, ողջ մնացին։ Մովսէս այս խօսքերը Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ըսաւ ու ժողովուրդը մեծ սուգ ըրաւ։ Եւ առտուն կանուխ լերանը գլուխը ելան՝ ըսելով. «Ահա մենք պատրաստ ենք եւ Տէրոջը ըսած տեղը պիտի ելլենք. վասն զի մեղք գործեցինք»։ Բայց Մովսէս ըսաւ. «Ինչո՞ւ այդպէս Տէրոջը հրամանէն դուրս կ’ելլէք. այդ բանը պիտի չյաջողի։ Մի՛ ելլէք, (քանզի Տէրը ձեր մէջ չէ,) չըլլայ որ ձեր թշնամիներէն ջարդուիք. Վասն զի Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները հոն ձեր առջեւ են եւ սրով պիտի իյնաք. դուք Տէրոջմէն ետ դառնալնուդ համար՝ Տէրը ձեզի հետ պիտի չըլլայ»։ Բայց անոնք յամառութիւն ընելով՝ լերանը գլուխը ելան. սակայն Տէրոջը ուխտին տապանակն ու Մովսէս բանակատեղիէն չզատուեցան։ Այն ատեն այն լերանը վրայ բնակող Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները իջան եւ զարկին զանոնք ու հալածեցին զանոնք մինչեւ Հօրմա։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Երբ մտնէք այն երկիրը, ուր պիտի բնակիք, որ ձեզի պիտի տամ, Տէրոջը անոյշ հոտ նուիրելու համար՝ արջառներէն կամ հօտերէն պատարագ մատուցանեցէք, ողջակէզ կամ ուխտ կատարելու զոհ՝ թէ՛ կամաւոր ընծայի համար եւ թէ՛ ձեր տօներուն մէջ, Այն ատեն զոհը Տէրոջը մատուցանողը հացի ընծայի համար հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասը իւղով շաղուած մէկ տասներորդ բարակ ալիւր պէտք է մատուցանէ։ Եւ ողջակէզին կամ զոհին հետ մէկ գառի համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասը գինի ըմպելի նուէր պէտք է ընես. Կամ խոյի մը համար՝ հիմէնի մը մէկ երրորդ մասը իւղով շաղուած երկու տասներորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պէտք է ընես Եւ թափելու նուէրի համար հիմէնի մը մէկ երրորդ մասը գինի՝ անոյշ հոտի համար Տէրոջը պէտք է մատուցանես։ Եւ երբ ողջակէզի համար կամ ուխտ կատարելու զոհի համար կամ խաղաղութեան զոհի համար զուարակ մը մատուցանես Տէրոջը, Այն ատեն զուարակին հետ կէս հիմէնի իւղով շաղուած երեք տասներորդ բարակ ալիւրէ հացի ընծայ մատուցանէ Եւ ըմպելի նուէրի համար կէս հիմէն գինի մատուցանէ. ասիկա Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մըն է։ Ամէն մէկ զուարակի կամ խոյի համար, կամ ոչխարի կամ այծի համար այսպէս պէտք է ըլլայ։ Ձեր պատրաստածին թիւին նայելով՝ անոնց թիւին համեմատ ամէն մէկուն այնպէս պէտք է ընէք։ Երկրին ամէն բնիկը այս բաները այնպէս պէտք է ընէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու համար։ Եւ եթէ ձեր քով պանդխտացած օտարականը, կամ ձեր մէջ բնակողը Տէրոջը անուշահոտ պատարագ մատուցանելու ըլլայ, ձեր ըրածին պէս անիկա ալ նոյնը պէտք է ընէ։ Ո՛վ ժողովուրդ, ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ կանոն պիտի ըլլայ. ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոնով՝ Տէրոջը առջեւ ինչպէս որ էք դուք, այնպէս ալ պէտք է ըլլայ օտարականը։ Ձեզի համար եւ ձեր քով պանդխտացած օտարականին համար մէկ օրէնք ու մէկ կարգադրութիւն պէտք է ըլլայ»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Երբ այն երկիրը մտնէք, ուր ձեզ պիտի տանիմ Եւ երբ այն երկրին հացէն ուտէք, ողջակէզի ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը. Ձեր առաջին խմորէն շօթ մը իբր ողջակէզի ընծայ պէտք է մատուցանէք. կալի ընծան ինչպէս կ’ընէք, այս ալ այնպէս պիտի մատուցանէք։ Ձեր առաջին խմորէն ողջակէզի ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը ձեր սերունդներուն մէջ։ Իսկ եթէ սխալիք ու չընէք այս բոլոր պատուէրները՝ որոնք Տէրը ըսաւ Մովսէսին, Նաեւ այն ամէնը, որոնք Տէրը ձեզի պատուիրեց Մովսէսին միջոցով այն օրէն ի վեր՝ երբ Տէրը պատուիրեց ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտեան Եւ եթէ պատահի որ ժողովուրդը սխալմամբ յանցանք մը գործէ, այն ատեն բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար՝ զուարակ մը պէտք է մատուցանէ օրէնքին համաձայն, հացի ընծայով ու ըմպելի նուէրով եւ մեղքի պատարագի համար այծերէն մէկ նոխազ։ Քահանան քաւութիւն պիտի ընէ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին համար ու թողութիւն շնորհէ անոնց, վասն զի սխալած էին եւ անոնք իրենց սխալելուն համար իրենց ընծան Տէրոջը պատարագ բերին ու նաեւ իրենց մեղքի պատարագը՝ Տէրոջը առջեւ. Ուստի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին ու անոնց մէջ պանդխտացած բոլոր օտարականներուն թողութիւն պիտի ըլլայ. քանզի բոլոր ժողովուրդը սխալած էր։ Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղք գործէ, այն ատեն մեղքի պատարագի համար մէկ տարեկան էգ այծ մը պէտք է բերէ Եւ քահանան քաւութիւն թող ընէ ակամայ մեղք գործող անձին համար. երբ Տէրոջը առջեւ ակամայ մեղք գործէ, անոր համար քաւութիւն թող ընէ ու անոր թողութիւն ըլլայ։ Ակամայ մեղք գործողը Իսրայէլի որդիներէն բնիկ ըլլայ կամ անոնց մէջ պանդխտացած օտարական, մէկ օրէնք պէտք է ունենաք։ Բայց այն անձը որ յանդգնութեամբ բան մը կ’ընէ, երկրի բնիկ ըլլայ եւ կամ օտարական, անիկա Տէրը կը նախատէ. այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի. Տէրոջը խօսքը արհամարհելուն եւ անոր պատուիրանքը զանց ընելուն համար այն անձը անշուշտ պէտք է կորսուի. անոր անօրէնութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։ Երբ Իսրայէլի որդիները անապատն էին, մարդ մը գտան որ շաբաթ օրը փայտ կը հաւաքէր։ Անոնք որ փայտ հաւաքելու վրայ գտան զանիկա, Մովսէսին ու Ահարոնին եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ բերին Եւ բանտարկեցին զանիկա, վասն զի որոշ չէին գիտեր թէ ի՞նչ ընելու էին։ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այն մարդը անպատճառ պէտք է մեռցուի. բոլոր ժողովուրդը բանակէն դուրս քարերով թող քարկոծեն զանիկա»։ Բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը Մովսէսին պատուիրածին պէս՝ բանակէն դուրս հանեցին զանիկա եւ քարկոծեցին ու մեռցուցին։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց, որ իրենց ծոպեր շինեն իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ՝ իրենց սերունդներուն մէջ ու քղանցքին ծոպերուն վրայ կապոյտ ժապաւէն մը դնեն Եւ ասիկա ձեզի ծոպ պիտի ըլլայ, որպէս զի դուք նայիք անոր ու Տէրոջը բոլոր պատուէրները մտքերնիդ բերէք եւ կատարէք ու ձեր սրտերուն եւ ձեր աչքերուն ցանկութիւններուն չհետեւիք, որոնց ետեւէն դուք կը մոլորիք. Այնպէս որ մտքերնիդ բերէք ու կատարեցէք իմ բոլոր պատուիրանքներս որ սուրբ ըլլաք ձեր Աստուծոյն առջեւ ։ Ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեզի Աստուած ըլլալու համար՝ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Ես եմ Եհովա ձեր Աստուածը»։ Ղեւիի որդիին Կահաթին որդիին Իսահառին որդին Կորխ եւ Ռուբէնի որդիներէն Եղիաբին որդիները՝ Դաթան ու Աբիրոն եւ Փաղեթի որդին Օն ելան Եւ Իսրայէլի որդիներէն երկու հարիւր յիսուն հոգի ժողովուրդին ծանօթ գլխաւորներ ու անուանի մարդիկ իրենց հետ առնելով ՝ Մովսէսին առջեւ եկան Եւ Մովսէսին ու Ահարոնին քով հաւաքուեցան ու ըսին անոնց. «Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ. վասն զի բոլոր ժողովուրդը ամէնքն ալ սուրբ են եւ Տէրը անոնց մէջ է եւ ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք»։ Երբ Մովսէս աս լսեց, իր երեսին վրայ ինկաւ Ու խօսեցաւ Կորխին եւ անոր բոլոր ընկերներուն՝ ըսելով. «Վաղը Տէրը պիտի ցուցնէ թէ ո՛րն է իրը եւ ո՛րն է սուրբը ու զանիկա իրեն պիտի մօտեցնէ եւ ո՛րը որ ինքը ընտրէ, իրեն պիտի մօտեցնէ։ Ուստի, առէք ձեզի բուրվառներ, դո՛ւն, ո՛վ Կորխ եւ քու բոլոր ընկերներդ Եւ վաղը անոնց մէջ կրակ դրէ՛ք ու Տէրոջը առջեւ անոնց վրայ խունկ դրէ՛ք եւ այն մարդը սուրբ պիտի ըլլայ, որ Տէրը կ’ընտրէ։ Ալ հերի՛ք է ըրածնիդ, ո՛վ Ղեւիի որդիներ»։ Մովսէս ըսաւ Կորխին. «Լսեցէ՛ք, ո՛վ Ղեւիի որդիներ. Պզտի՞կ բան կ’երեւնայ ձեզի՝ որ Իսրայէլի Աստուածը ձեզ իրեն մօտեցնելու համար Իսրայէլի ժողովուրդէն զատեց ձեզ, որպէս զի Տէրոջը վկայութեան խորանին պաշտամունքը կատարէք եւ ժողովուրդին առջեւ կայնիք՝ անոնց սպասաւորութիւնը ընելու Եւ քեզ ու քեզի հետ քու բոլոր եղբայրներդ՝ Ղեւիի որդիները՝ իրեն մօտեցուց ու դուք քահանայութի՞ւն ալ կը փնտռէք։ Ուրեմն դուն ու քու բոլոր ընկերներդ Տէրոջը դէմ հաւաքուեցաք եւ Ահարոնը ո՞վ է, որ անոր դէմ դուք տրտունջ կ’ընէք»։ Եւ Մովսէս Եղիաբին որդիները՝ Դաթանն ու Աբիրոնը՝ կանչելու համար մարդ ղրկեց եւ անոնք ըսին. «Չենք գար. Մեզ անապատին մէջ մեռցնելու համար՝ կաթ ու մեղր բղխող երկրէ մը մեզ հանելդ քի՞չ բան է, որ նաեւ մեր վրայ տիրապետել կ’ուզես։ Եւ մեզ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը չտարիր, ո՛չ ալ մեզի արտ ու այգի տուիր իբր ժառանգութիւն։ Միթէ այս մարդոց աչքե՞րը պիտի հանես. մենք չենք գար»։ Մովսէս խիստ բարկացաւ ու ըսաւ Տէրոջը. «Մի՛ նայիր անոնց ընծաներուն. անոնցմէ էշ մըն ալ չառի եւ անոնց մէկո՛ւն չարիք մը չըրի»։ Մովսէս ըսաւ Կորխին. «Վաղը դուն ու քու բոլոր ժողովուրդդ Տէրոջը առջեւ ներկայացէք, դուն եւ անոնք ու Ահարոն։ Ամէնքդ ձեր բուրվառները առէք եւ անոնց մէջ խունկ դրէք։ Ամէն մէկը իր բուրվառը առնելով, (այսինքն երկու հարիւր յիսուն բուրվառները,) դուն ու Ահարոնն ալ ձեր բուրվառները Տէրոջը մօտեցուցէք»։ Ամէն մէկը իր բուրվառը առնելով՝ անոնց մէջ կրակ դրին ու անոնց վրայ խունկ դրին եւ վկայութեան խորանին դուռը կեցան Մովսէսին ու Ահարոնին հետ։ Կորխ անոնց դէմ վկայութեան խորանին դուռը հաւաքեց բոլոր ժողովուրդը։ Տէրոջը փառքը բոլոր ժողովուրդին երեւցաւ։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Այդ ժողովուրդին մէջէն զատուեցէք, որպէս զի շուտով կորսնցնեմ զանոնք»։ Բայց անոնք երեսնուն վրայ ինկան ու ըսին. «Ո՛վ Աստուած, բոլոր մարդոց հոգիներուն Աստուածը, մէկ մարդու մեղանչելովը՝ բոլոր ժողովուրդին վրա՞յ պիտի գայ քու բարկութիւնդ»։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ ժողովուրդին ու ըսէ՛, Կորխի, Դաթանի ու Աբիրոնի բնակարանին բոլորտիքէն հեռացէք»։ Մովսէս ելաւ ու Դաթանին եւ Աբիրոնին գնաց եւ Իսրայէլի ծերերը անոր ետեւէն գացին։ Եւ խօսեցաւ ժողովուրդին՝ ըսելով. «Այդ չար մարդոց վրաններուն քովէն ետ քաշուեցէք ու անոնց ոեւէ մէ՛կ բանին մի՛ դպչիք, որպէս զի անոնց բոլոր մեղքերով չկորսուիք»։ Այսպէս անոնք Կորխին, Դաթանին ու Աբիրոնին բնակարանին բոլորտիքէն հեռացան եւ Դաթան ու Աբիրոն եւ անոնց կիներն ու անոնց որդիները եւ ընտանիքը իրենց վրաններուն դուռը ելան կեցան։ Եւ Մովսէս ըսաւ. «Ասով պիտի գիտնաք թէ Տէրը զիս ղրկած է բոլոր այս գործերը ընելու եւ ոչ թէ ես ինծմէ բան մը ըրի. Եթէ ասոնք ամէն մարդու մեռնելուն պէս մեռնին եւ եթէ ամէն մարդու պատահածը ասոնց ալ պատահի, Տէրը զիս ղրկած չէ։ Բայց եթէ Տէրը հրաշք մը ընէ եւ երկիր իր բերանը բանայ ու զանոնք եւ անոնց բոլոր ունեցածը կլլէ ու անոնք ողջ ողջ դժոխք իջնեն, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ այս մարդիկը Տէրը անարգեցին»։ Երբ այս բոլոր խօսքերը լմնցուց, անոնց տակի գետինը պատռտուեցաւ Եւ երկիր իր բերանը բացաւ ու զանոնք եւ անոնց տուները ու Կորխին ունեցած բոլոր մարդիկը եւ բոլոր անոնց ինչքը կլլեց։ Եւ անոնք ու բոլոր անոնց ունեցածները ողջ ողջ դժոխք իջան եւ երկիրը ծածկեց զանոնք ու ժողովուրդին մէջէն կորսուեցան։ Անոնց բոլորտիքը գտնուող բոլոր Իսրայէլը անոնց ձայնէն փախան. քանզի ըսին. «Չըլլայ թէ երկիրը մեզ ալ կլլէ»։ Եւ Տէրոջմէ կրակ ելաւ ու խունկ մատուցանող երկու հարիւր յիսուն հոգին սպառեց։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին, որ բուրվառները այն բոցերուն մէջէն վերցնէ եւ դուն անոնց մէջ եղած կրակը անդին ցրուէ՛. քանզի անոնք սուրբ եղան։ Իրենց հոգիներուն դէմ մեղք գործողներուն բուրվառներէն թիթեղէ տախտակներ թող շինուին՝ սեղանը պատելու համար. վասն զի անոնք Տէրոջը առջեւ մատուցուելով՝ սուրբ եղած են։ Իսրայէլի որդիներուն նշան թող ըլլան»։ Ու Եղիազար քահանան այն այրուած մարդոց մատուցանած պղնձէ բուրվառները առաւ եւ անոնցմէ սեղանը պատելու համար թիթեղէ տախտակներ շինեց. (Իսրայէլի որդիներուն յիշատակ ըլլալու համար, որպէս զի Ահարոնի սերունդէն չեղող օտար մէկը Տէրոջը առջեւ խունկ մատուցանել չհամարձակի եւ Կորխի պէս ու անոր ընկերներուն պէս չըլլայ.) ինչպէս Տէրը ըսաւ անոր՝ Մովսէսին միջոցով։ Հետեւեալ օրը Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Մովսէսին դէմ ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին՝ ըսելով. «Դուք Տէրոջը ժողովուրդը մեռցուցիք»։ Եւ երբ ժողովուրդը Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ հաւաքուած էին, դէպի խորանը նայեցան եւ ահա ամպը ծածկեց զայն ու Տէրոջը փառքը երեւցաւ։ Մովսէս ու Ահարոն վկայութեան խորանին առջեւ եկան։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Այդ ժողովուրդին մէջէն ելէք, որպէս զի շուտով սպառեմ զանոնք»։ Անոնք երեսնուն վրայ ինկան։ Եւ Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Բուրվառը ա՛ռ ու մէջը սեղանին վրայէն կրակ դի՛ր եւ վրան խունկ դի՛ր ու շուտով ժողովուրդին գնա՛ ու անոնց համար քաւութիւն ըրէ, վասն զի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ ժանտախտը սկսաւ»։ Եւ Ահարոն Մովսէսին ըսածին պէս բուրվառը առաւ ու ժողովուրդին մէջ վազեց։ Արդէն ժանտախտը սկսած էր ժողովուրդին մէջ։ Բուրվառին վրան խունկ դրաւ ու ժողովուրդին համար քաւութիւն ըրաւ Եւ մեռելներուն ու ողջերուն մէջտեղ կեցաւ ու ժանտախտը դադրեցաւ։ Եւ ժանտախտէն մեռածները տասնըչորս հազար եօթը հարիւր հոգի էին, Կորխի գործին մէջ մեռածներէն զատ։ Եւ Ահարոն դարձաւ Մովսէսին՝ վկայութեան խորանին դուռը ու ժանտախտը դադրեցաւ։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնցմէ իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ մէկմէկ գաւազան, այսինքն իրենց հայրերուն տուներուն բոլոր իշխաններէն տասներկու գաւազան ա՛ռ. ամէն մարդու անունը իր գաւազանին վրայ գրէ՛։ Ահարոնին անունը Ղեւիի գաւազանին վրայ գրէ՛. վասն զի անոնց հայրերուն տանը իշխանին համար մէկ գաւազան պիտի ըլլայ Եւ զանոնք վկայութեան խորանին առջեւ դի՛ր, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ։ Եւ իմ ընտրած մարդուս գաւազանը պիտի ծաղկի ու այն ատեն ինծմէ պիտի դադրեցնեմ Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը՝ որոնք կը տրտնջէին ձեզի դէմ»։ Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնց բոլոր իշխանները իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ տասներկու գաւազան տուին իրեն, ամէն մէկ իշխանի համար մէկ գաւազան եւ Ահարոնին գաւազանն ալ անոնց գաւազաններուն մէջ էր։ Գաւազանները Տէրոջը առջեւ դրաւ վկայութեան խորանին մէջ։ Հետեւեալ օրը Մովսէս վկայութեան խորանը մտաւ եւ ահա Ղեւիին տանը կողմէն տրուած Ահարոնին գաւազանը ծաղկեցաւ ու ծլեցաւ եւ ծաղիկ բացաւ ու նուշեր հասցուց։ Եւ Մովսէս բոլոր գաւազանները Տէրոջը առջեւէն դուրս հանեց Իսրայէլի բոլոր որդիներուն առջեւ ու անոնք տեսան եւ ամէն մէկը իր գաւազանը առաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահարոնին գաւազանը վկայութեան առջեւ ետ դարձուր, որպէս զի ապստամբներուն նշան ըլլալու համար պահուի ու անոնց տրտունջը ինծմէ վերցո՛ւր, որպէս զի չմեռնին»։ Եւ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ։ Եւ Իսրայէլի որդիները խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ահա կը մեռնինք, կը կորսուինք. մենք ամէնքս կը կորսուինք. Ամէն ով որ Տէրոջը վկայութեան խորանին մօտենայ՝ կը մեռնի. ամէնքս ալ պիտի մեռնի՞նք»։ Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ եւ հօրդ տունը սրբարանին անօրէնութիւնը պիտի կրէք եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ ձեր քահանայութեան անօրէնութիւնը պիտի կրէք։ Եւ քու հօրդ սերունդէն, այսինքն Ղեւիին սերունդէն եղող քու եղբայրներդ մօտեցո՛ւր, որպէս զի քեզի հետ միանան ու քեզի սպասաւորութիւն ընեն, երբ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ վկայութեան խորանին առջեւ ըլլաք։ Եւ քեզ ու բոլոր խորանը պիտի պահեն, բայց սրբարանին անօթներուն ու սեղանին պէտք չէ մօտենան, որպէս զի ո՛չ իրենք մեռնին՝ ո՛չ ալ դուք։ Անոնք ձեզի հետ պիտի միանան ու վկայութեան խորանը պիտի պահեն, խորանին բոլոր ծառայութիւնները պիտի ընեն, բայց ոեւէ օտար մէկը պիտի չմօտենայ ձեզի։ Սրբարանն ու սեղանը պիտի պահէք, որպէս զի ա՛լ Իսրայէլի որդիներուն վրայ բարկութիւն չըլլայ։ Ահա Իսրայէլի որդիներէն ձեր եղբայրները, Ղեւտացիները, առի. անոնք ձեզի տրուած պարգեւ են Տէրոջը համար, որպէս զի վկայութեան խորանին ծառայութիւն ընեն։ Եւ դուն ու քեզի հետ քու որդիներդ սեղանին պատկանած բոլոր բաներուն եւ վարագոյրին ներսը եղած բաներուն համար ձեր քահանայութիւնը պիտի պահէք ու պաշտամունքը կատարէք։ Քահանայութիւնը ձեզի իբր պարգեւ տուի եւ ոեւէ մօտեցող օտարական պիտի մեռցուի»։ Տէրը խօսեցաւ Ահարոնին. «Ես ահա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր սուրբ բաներուն եւ ինծի տրուած ընծաներուն պահպանութիւնը քեզի յանձնեցի եւ անոնք օծման իրաւունքի համար քեզի եւ քու որդիներուդ տուի յաւիտենական կանոնով։ Ասոնք քուկդ պիտի ըլլան ամենասուրբ բաներէն, որ չեն այրուիր՝ ՝. անոնց բոլոր հացի ընծաներուն, անոնց բոլոր մեղքի պատարագներուն եւ անոնց բոլոր յանցանքի պատարագներուն ընծաները, որոնք ինծի պիտի մատուցանեն, ամենասուրբ են քեզի ու քու որդիներուդ համար։ Ամենասուրբ տեղին մէջ պէտք է ուտես զայն. ամէն արու կրնայ ուտել զայն. անիկա սուրբ է քեզի։ Այս ալ քուկդ է՝ իրենց պարգեւներուն բարձրացնելու ընծան եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երերցնելու ընծաները. քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու քու աղջիկներուդ տուի զանոնք յաւիտենական կանոնով. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ կրնայ ուտել։ Ամենէն աղէկ իւղին եւ ամենէն աղէկ գինիին ու ցորենին բոլոր երախայրիները, որոնք Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի տուի։ Անոնց երկրին մէջ եղած բոլոր բերքերուն երախայրիները, որոնք Տէրոջը կը բերեն, քուկդ պիտի ըլլան. քու տանդ մէջ ամէն մաքուր եղող անկէ կրնայ ուտել։ Իսրայէլի մէջ ամէն նուիրուած բան քուկդ պիտի ըլլայ։ Ամէն մարմնի արգանդ բացողը, որ Տէրոջը կ’ընծայեն, մարդ ըլլայ թէ անասուն, քուկդ պիտի ըլլայ. միայն թէ մարդուն անդրանիկը անշուշտ պիտի փրկես եւ անմաքուր անասունին անդրանիկն ալ պիտի փրկես։ Ու երբ փրկուող տղաքը մէկ ամսուան ըլլան, սրբարանին սիկղին համեմատ հինգ սիկղ արծաթի գնով պիտի փրկես. սիկղը քսան կերատ է։ Բայց կովուն անդրանիկը եւ ոչխարին անդրանիկը կամ այծին անդրանիկը պէտք չէ փրկես. անոնք սուրբ են. անոնց արիւնը սեղանին վրայ պէտք է սրսկես ու անոնց ճարպը այրես Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու Եւ անոնց միսը քուկդ պիտի ըլլայ, ինչպէս երերցնելու երբուծն ու աջ զիստը քուկդ են։ Սուրբ բաներէն բոլոր բարձրացնելու ընծաները, որոնք Իսրայէլի որդիները Տէրոջը կը մատուցանեն, քեզի եւ քեզի հետ քու որդիներուդ ու աղջիկներուդ տուի յաւիտենական կանոնով. անիկա Տէրոջը առջեւ քեզի եւ քեզի հետ քու սերունդիդ աղի ուխտ մըն է յաւիտեան»։ Եւ Տէրը ըսաւ Ահարոնին. «Անոնց երկրին մէջ դուն ժառանգութիւն պիտի չունենաս ու անոնց մէջ բաժին պիտի չունենաս. Իսրայէլի որդիներուն մէջ քու բաժինդ ու ժառանգութիւնդ ես եմ»։ «Եւ ահա Իսրայէլի բոլոր տասանորդը Ղեւիի որդիներուն տուի ժառանգութեան համար իրենց ծառայութեան որպէս հատուցում, վկայութեան խորանին ծառայութեան համար։ Ուստի Իսրայէլի որդիները ա՛լ վկայութեան խորանին թող չմօտենան, որպէս զի մեղք չգործեն ու չմեռնին։ Վկայութեան խորանին ծառայութիւնը Ղեւտացիները պիտի ընեն ու իրենց անօրէնութիւնը իրենք պիտի կրեն. ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, որ անոնք Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան։ Քանզի Իսրայէլի որդիներուն տասանորդը, որոնք Տէրոջը կ’ընծայեն, Ղեւտացիներուն տուի իբր ժառանգութիւն. այս պատճառով անոնց համար ըսի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ ժառանգութիւն չունենան»։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Այսպէս խօսիր Ղեւտացիներուն ու ըսէ՛ անոնց. ‘Երբ Իսրայէլի որդիներէն տասանորդ առնէք, որ անոնց կողմանէ ձեզի ժառանգութեան համար տուի, այն ատեն այդ տասանորդին մէկ տասներորդ մասը իբր բարձրացնելու ընծայ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը։ Եւ այս ձեր բարձրացնելու ընծան կալի ցորենի պէս եւ հնձանի բերքի պէս թող սեպուի ձեզի։ Այսպէս Իսրայէլի որդիներէն ձեր առած բոլոր տասանորդներէն դուք ալ բարձրացնելու ընծայ պիտի մատուցանէք Տէրոջը։ Անոնցմէ Տէրոջը համար ունեցած բարձրացնելու ընծան Ահարոն քահանային պիտի տաք։ Բոլոր ձեզի եղած ընծաներէն իբր Տէրոջը բարձրացնելու ընծայ՝ անոր ամենալաւէն, անոր սուրբ մասէն, պէտք է մատուցանէք’։ Ուստի պիտի ըսես անոնց. ‘Երբ անոր ամենալաւէն մատուցանէք, այն ատեն մնացածը կալի արդիւնքի պէս ու հնձանի արդիւնքի պէս թող մնայ Ղեւտացիներուն։ Եւ ամէն տեղ պիտի ուտէք զայն դուք ու ձեր ընտանիքները. վասն զի վկայութեան խորանին մէջ ձեր ընելու ծառայութեան փոխարէն ձեր վարձքն է այն։ Եւ անկէ ամենալաւը մատուցանելէն ետքը անոր համար մեղք պիտի չկրէք ու Իսրայէլի որդիներուն սուրբ բաները մի՛ պղծէք, որպէս զի չմեռնիք’»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով. «Այս է օրէնքին որոշումը, որ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. Ըսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի անարատ ու անբիծ կարմիր երինջ մը բերեն, որուն վրայ լուծ դրուած չըլլայ։ Եւ Եղիազար քահանային պէտք է տաք զանիկա, որպէս զի բանակէն դուրս հանէ ու իր առջեւ մորթեն զանիկա։ Եւ Եղիազար քահանան իր մատովը անոր արիւնէն թող առնէ ու դէպի վկայութեան խորանին առջեւի կողմը եօթը անգամ սրսկէ անոր արիւնէն։ Ետքը իր աչքին առջեւ թող այրեն երինջը։ Անոր մորթն ու միսը եւ անոր արիւնը աղբովը մէկտեղ թող այրեն։ Քահանան թող առնէ եղեւին փայտ, զոպայ ու կրկնակի կարմիր եւ երինջը այրող կրակին մէջ նետէ։ Եւ քահանան իր հանդերձներն ու իր մարմինը ջրով թող լուայ ու ետքը բանակը մտնէ եւ քահանան մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ զանիկա այրողը իր հանդերձներն ու իր մարմինը ջրով պէտք է լուայ եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։ Եւ մաքուր մարդ մը երինջին մոխիրը պիտի հաւաքէ ու բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը դնէ եւ Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին համար պիտի պահուի, մեղաց համար մաքրութեան ջուր ըլլալու։ Եւ երինջին մոխիրը հաւաքողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ եւ ասիկա Իսրայէլի որդիներուն ու անոնց մէջ պանդխտացող օտարականին համար յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։ Ով որ մեռած մարդու մը մարմինին դպչի, եօթը օր անմաքուր պէտք է սեպուի։ Անիկա անով զինք մաքրել թող տայ երրորդ օրը, եօթներորդ օրը մաքուր թող սեպուի։ Բայց եթէ երրորդ օրը չմաքրուի, եօթներորդ օրը մաքուր պիտի չսեպուի։ Ով որ մեռած մարդու մարմնին դպչի ու ինքզինք չմաքրէ, Տէրոջը խորանը կը պղծէ եւ այն անձը Իսրայէլէն պէտք է կորսուի. անոր վրայ մաքրութեան ջուրը չսրսկուելուն համար անիկա անմաքուր է. իր անմաքրութիւնը տակաւին իր վրայ է։ Վրանի մէջ մեռնող մարդուն համար օրէնքը այս է. այն վրանին մէջ ամէն մտնող եւ այն վրանէն ամէն եղող եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ Եւ ամէն բաց աման, որ իր վրայ խուփ չունի, անմաքուր պիտի ըլլայ։ Եւ ով որ դպչի դաշտի վրայ սրով սպաննուածի մը, կամ բնական մահով մեռածի մը, կամ մարդու ոսկորի մը եւ կամ գերեզմանի մը, եօթը օր անմաքուր թող ըլլայ։ Եւ անմաքուր եղողին համար՝ այն մեղքի համար՝ այրուած երինջին մոխիրէն առնելով՝ ամանի մը մէջ վրան կենդանի ջուր թող դնեն Եւ մաքուր մարդ մը զոպայ թող առնէ ու զայն ջուրը խոթէ եւ վրանին վրայ ու բոլոր ամաններուն վրայ եւ հոն եղած մարդոց վրայ ու ոսկորի մը կամ սպաննուածի մը կամ մեռածի մը եւ կամ գերեզմանի մը դպչողին վրայ սրսկէ։ Եւ մաքուր մարդը թող սրսկէ անմաքուրին վրայ՝ երրորդ օրը ու եօթներորդ օրը եւ եօթներորդ օրը զանիկա թող մաքրէ։ Անիկա ալ իր հանդերձները թող լուայ ու ջրով լուացուի եւ իրիկունը մաքրուի։ Բայց այն անմաքուր մարդը, որ չի մաքրուիր, ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի, վասն զի Տէրոջը սրբարանը պղծեց. անոր վրայ մաքրութեան ջուրը չսրսկուեցաւ, անիկա անմաքուր է։ Յաւիտենական կանոն մը ըլլայ անոնց, որ մաքրութեան ջուրը սրսկողը իր լաթերը լուայ ու մաքրութեան ջուրին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։ Եւ անմաքուր անձը ինչ բանի որ դպչի, այն ան անմաքուր պիտի ըլլայ ու անոր դպչող մարդը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ’»։ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Սին անապատը եկան առաջին ամսուն ու ժողովուրդը Կադէսի մէջ իջեւան ըրաւ։ Մարիամ հոն մեռաւ ու հոն թաղուեցաւ։ Ժողովուրդին խմելու ջուր չկար, ուստի Մովսէսին եւ Ահարոնին քով հաւաքուեցան։ Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցան ու ըսին. «Երանի՜ թէ մենք ալ մեռնէինք, երբ մեր եղբայրները մեռան Տէրոջը առջեւ։ Ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդը այս անապատը բերիք, որ մենք ու մեր անասունները հոս մեռնինք։ Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք, մեզ այս գէշ տեղը բերելո՞ւ համար։ Հոս ո՛չ սերմ ցանելու տեղ է, ո՛չ ալ՝ թզենիներու ու այգիներու եւ նռնենիներու. խմելու ջուր անգամ չկայ»։ Մովսէս ու Ահարոն ժողովուրդին առջեւէն ելլելով վկայութեան խորանին դուռը գացին ու իրենց երեսին վրայ ինկան եւ Տէրոջը փառքը անոնց երեւցաւ։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Գաւազանը ա՛ռ ու ժողովուրդը հաւաքէ՛, դուն ու քու եղբայրդ Ահարոն եւ անոնց աչքերուն առջեւ ըսէք ապառաժին ու իր ջուրը պիտի տայ։ Դուն ապառաժէն ջուր պիտի հանես անոնց ու ժողովուրդին եւ անոնց անասուններուն խմցնես»։ Մովսէս առաւ գաւազանը Տէրոջը առջեւէն, ինչպէս իրեն պատուիրեց։ Մովսէս ու Ահարոն ժողովուրդը ապառաժին առջեւ հաւաքեցին եւ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Լսեցէ՛ք հիմա, ո՛վ ապստամբներ, ձեզի այս ապառաժէ՞ն ջուր պէտք է հանենք»։ Եւ Մովսէս իր ձեռքը վերցուց ու գաւազանովը երկու անգամ ապառաժին զարկաւ եւ առատօրէն ջուր ելաւ եւ ժողովուրդն ու անոնց անասունները խմեցին։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին. «Որովհետեւ ինծի չհաւատացիք Իսրայէլի որդիներուն աչքերուն առջեւ զիս փառաւորելու, անոր համար այս ժողովուրդը դուք պիտի չտանիք այն երկիրը, որ անոնց տուի»։ Մերիպայի ջուրը այս է. վասն զի Իսրայէլի որդիները Տէրոջը դէմ վիճեցան եւ ինք փառաւորուեցաւ անոնց մէջ։ Մովսէս Կադէսէն դեսպաններ ղրկեց Եդովմի թագաւորին ու ըսաւ. «Այսպէս կ’ըսէ քու եղբայրդ Իսրայէլ, Մեզի պատահած բոլոր նեղութիւնը գիտես. Ի՛նչպէս մեր հայրերը Եգիպտոս իջան եւ բնակեցանք Եգիպտոսի մէջ երկար ատեն եւ Եգիպտացիները չարչարեցին մեզ ու մեր հայրերը։ Եւ երբ մենք Տէրոջը աղաղակեցինք, լսեց մեր ձայնը եւ հրեշտակ մը ղրկեց ու մեզ Եգիպտոսէն հանեց եւ ահա մենք քու սահմանիդ ծայրի Կադէս քաղաքին մէջ ենք. Արտօնէ, որ անցնինք քու երկրէդ. արտերէն ու այգիներէն պիտի չանցնինք եւ հորերէն ջուր պիտի չխմենք. արքունական ճամբայէն պիտի երթանք, աջ կամ ձախ կողմը պիտի չխոտորինք՝ մինչեւ որ քու սահմանէդ անցնինք»։ Բայց Եդովմ ըսաւ անոր. « Իմ երկրէս՝ ՝ մի՛ անցնիր, ապա թէ ոչ՝ սրով քու դէմդ կ’ելլեմ»։ Իսրայէլի որդիները ըսին անոր. «Մենք մեծ ճամբայէն կ’անցնինք եւ եթէ մենք՝ ես ու իմ անասուններս քու ջուրէդ խմենք, անոր գինը կը հատուցանեմ։ Առանց ուրիշ բան մը ընելու իմ ոտքերովս կ’անցնիմ»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Պիտի չանցնիս»։ Եւ Եդովմ մեծ բազմութիւնով ու հզօր ձեռքով անոնց դէմը ելաւ։ Այսպէս Եդովմ իր սահմանէն Իսրայէլին ճամբայ տալ չուզեց. ուստի Իսրայէլ դարձաւ անկէ։ Կադէսէն չուեցին ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Հովր լեռը եկան։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին Հովր լեռը՝ Եդովմի երկրին սահմանին քով՝ ըսելով. «Ահարոն իր ժողովուրդին պիտի խառնուի. քանզի Մերիպայի ջուրին քով իմ հրամանիս դէմ ապստամբութիւն ընելուդ համար պիտի չմտնէ այն երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն տուի։ Ահարոնն ու անոր որդին Եղիազարը ա՛ռ ու Հովր լեռը հանէ զանոնք։ Ահարոնը իր զգեստներէն մերկացո՛ւր ու անոր որդիին Եղիազարին հագցուր զանոնք. վասն զի Ահարոն իր ժողովուրդին պիտի խառնուի ու հոն մեռնի»։ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ ու բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Հովր լեռը ելան։ Մովսէս մերկացուց Ահարոնը իր զգեստներէն ու անոր որդիին Եղիազարին հագցուց զանոնք։ Եւ Ահարոն հոն լերանը գլուխը մեռաւ։ Մովսէս ու Եղիազար լեռնէն իջան։ Երբ բոլոր ժողովուրդը տեսան, որ Ահարոն մեռաւ, Իսրայէլի բոլոր տունը Ահարոնին համար երեսուն օր լացին։ Հարաւային կողմը բնակող Արադին՝ Քանանացի թագաւորը՝ լսելով որ Իսրայէլ Աթարիմի ճամբայէն կու գայ, Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ եւ անոնցմէ գերիներ առաւ։ Իսրայէլ ուխտ ըրաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Եթէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքս մատնես, անոնց քաղաքները բոլորովին պիտի կորսնցնեմ»։ Տէրը Իսրայէլին ձայնը լսեց ու Քանանացիները անոր ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլ բոլորովին կորսնցուց զանոնք ու անոնց քաղաքները եւ այն տեղին անունը Հօրմա դրաւ։ Եդովմի երկրին բոլորտիքէն անցնելով Հովր լեռնէն Կարմիր ծովուն ճամբան չուեցին ու ճամբուն մէջ ժողովուրդին սիրտը նեղացաւ։ Ժողովուրդը Աստուծոյ դէմ ու Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ մեզ Եգիպտոսէն հանեցիք, որ անապատին մէջ մեռնինք, քանզի հաց չկայ, ջուր չկայ եւ այս չնչին հացէն մեր սիրտը զզուեր է»։ Ուստի Տէրը ժողովուրդին վրայ կիզող օձեր ղրկեց, որոնք խածին ժողովուրդը, այնպէս որ Իսրայէլէն շատ ժողովուրդ մեռաւ։ Ժողովուրդը Մովսէսին եկան ու ըսին. «Տէրոջը դէմ ու քեզի դէմ խօսելով մեղանչեցինք. աղօթք ըրէ՛ Տէրոջը, որ մեր վրայէն օձերը վերցնէ»։ Մովսէս ժողովուրդին համար աղաչեց։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Քեզի կիզող օձ մը շինէ ու զանիկա ձողի մը վրայ դիր։ Ով որ օձէն խածուի, անոր թող նայի ու ապրի»։ Եւ Մովսէս պղնձէ օձ մը շինեց ու զանիկա ձողի մը վրայ դրաւ։ Երբ օձ մը մարդ մը խածնէր ու մարդը պղնձէ օձին նայէր, անմիջապէս կ’առողջանար։ Եւ Իսրայէլի որդիները չուեցին ու Ոբովթի մէջ իջեւան ըրին։ Ոբովթէն չուեցին ու Իյէ-Աբարիմի մէջ դէպի արեւելեան կողմը, Մովաբի մօտակայ անապատին մէջ իջեւան ըրին։ Անկէ ալ չուեցին եւ Զարեդ ձորին մէջ իջեւան ըրին։ Անկէ չուեցին ու իջեւան ըրին Առնոնի միւս կողմը այն անապատին մէջ, որ Ամօրհացիներուն սահմանէն կը տարածուի, վասն զի Առնոն Մովաբացիներուն սահմանն է, Մովաբացիներուն ու Ամօրհացիներուն մէջտեղ։ Անոր համար Տէրոջը պատերազմներուն գրքին մէջ կ’ըսուի. «Սուֆայի մէջ Վահէպը, Ու Առնոնի հովիտները, Որ կը տարածուի մինչեւ Արի աւազանը, Ու կը հասնի Մովաբի սահմանը»։ Եւ անկէ շարունակեցին մինչեւ Ջրհորը։ Ասիկա այն ջրհորն է, որուն համար Տէրը ըսեր էր Մովսէսին. «Ժողովուրդը հաւաքէ ու ես անոնց ջուր պիտի տամ»։ Այն ատեն Իսրայէլ այս երգը երգեց «Ո՛վ հոր, բղխէ՛։ Երգեցէ՛ք անոր. Հորը, որ իշխանները փորեցին Որ ժողովուրդին ազնուականները փորեցին՝ Իրենց գաւազաններովը փորեցին»։ Եւ անապատէն դէպի Մաթանա գացին ու Մաթանայէն դէպի Նաալիէլ ու Նաալիէլէն դէպի Բամօթ Եւ Բամօթէն Մովաբի դաշտին մէջ դէպի Եսիմոն նայող Փասգայի գագաթը եղած հովիտը չուեցին ։ Եւ Իսրայէլ դեսպաններ ղրկեց Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին՝ ըսելով. «Թողուր որ երկրէդ անցնինք. արտի կամ այգիի մէջ չենք մտներ, հորի ջուրէ չենք խմեր. մինչեւ որ քու սահմանէդ անցնինք՝ արքունական ճամբայէն կ’երթանք»։ Բայց Սեհոն իր սահմանէն ճամբայ չտուաւ Իսրայէլին, հապա Սեհոն իր բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց եւ դէպի անապատը Իսրայէլին դէմը ելաւ ու Յասսա եկաւ եւ Իսրայէլին հետ պատերազմեցաւ։ Իսրայէլ սուրի բերնէ անցուց զանիկա ու տիրեց անոր երկրին, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ, մինչեւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը, վասն զի Ամմոնի որդիներուն սահմանը ամուր էր։ Իսրայէլ բոլոր այս քաղաքները առաւ ու Իսրայէլ Ամօրհացիներուն բոլոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ, Եսեբոնի մէջ ու անոր բոլոր գիւղերուն մէջ. Քանզի Եսեբոն Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորին քաղաքն էր. վասն զի անիկա Մովաբի նախկին թագաւորին հետ պատերազմելով, անոր ձեռքէն անոր բոլոր երկիրը մինչեւ Առնոն՝ առած էր։ Անոր համար առակագիրները կ’ըսեն. «Եսեբոն եկէ՛ք. Թող Սեհոնի քաղաքը շինուի ու պատրաստուի, Վասն զի Եսեբոնէն կրակ ելաւ Ու Սեհոնի քաղաքէն՝ բոց. Մովաբի Արը այրեց Ու Առնոնի բարձր տեղերուն՝ տէրերը։ Վա՜յ քեզ, Մովաբ, Ո՜վ Քամովսի ժողովուրդ, կորսուեցա՛ր. Իր փախած որդիներն ու աղջիկները Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին գերութեան տուաւ. Զանոնք նետերով զարկինք. Եսեբոն կորսուեցաւ մինչեւ Դեբոն Եւ կորսնցուցինք զանոնք Մինչեւ Մեդաբայի քով եղած Նօփա»։ Այսպէս Իսրայէլ Ամօրհացիներուն երկիրը բնակեցաւ։ Եւ Մովսէս մարդ ղրկեց Յազերը լրտեսելու ու անոր գիւղերը առին եւ հոն եղած Ամօրհացիները վռնտեցին։ Եւ դարձան ու Բասանի ճամբան ելան եւ Բասանի Ովգ թագաւորը՝ ինք ու իր բոլոր ժողովուրդը անոնց դէմ Եդրայիի մէջ՝ պատերազմի ելան։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Անկէ մի՛ վախնար. քանզի քու ձեռքդ մատնեցի զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը եւ անոր երկիրը եւ դուն Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ըրածիդ պէս ըրէ՛ անոր»։ Այսպէս զարկին զանիկա եւ անոր որդիները ու անոր բոլոր ժողովուրդը, այնպէս որ մէ՛կն ալ չմնաց եւ անոր երկրին տիրեցին։ Իսրայէլի որդիները չուեցին ու Մովաբի դաշտերուն մէջ Յորդանանի անդիի կողմը՝ Երիքովի դէմ՝ իջեւանեցան։ Սեպփօրի որդին Բաղակ տեսաւ այն բոլորը, ինչ որ Իսրայէլ ըրաւ Ամօրհացիներուն։ Մովաբ խիստ վախցաւ ժողովուրդէն, վասն զի շատուոր էին ու Մովաբ Իսրայէլի որդիներուն երեսէն տագնապի մէջ էր։ Եւ Մովաբ Մադիամի ծերերուն ըսաւ. «Հիմա այս ժողովուրդը պիտի լափեն մեր բոլորտիքը եղած ամէն բան՝ ինչպէս արջառը՝ դաշտին խոտը կը լափէ։ Եւ Սեպփօրի որդին Բաղակ՝ Մովաբի թագաւորը՝ Բէովրի որդիին Բաղաամին դեսպաններ ղրկեց Փաթուր քաղաքը, (որուն ժողովուրդին որդիներուն երկիրը, Գետին եզերքն էր,) զանիկա կանչելու եւ ըսելու. «Ահա Եգիպտոսէն ժողովուրդ մը ելաւ ու երկրին երեսը ծածկեց եւ ի դէմս կը նստի, Ուստի կ’աղաչեմ, եկո՛ւր, ինծի համար անիծէ՛ այս ժողովուրդը. քանզի անիկա ինծմէ զօրաւոր է, թերեւս կարող ըլլամ զանիկա զարնել ու երկրէս վռնտել. վասն զի գիտեմ թէ քու օրհնածդ օրհնեալ է եւ քու անիծածդ՝ անիծեալ»։ Մովաբի ծերերը ու Մադիամի ծերերը իրենց ձեռքերուն մէջ հմայութեան վարձքերով գացին Բաղաամին ու Բաղակին խօսքերը ըսին անոր։ Եւ անիկա ըսաւ անոնց. «Այս գիշեր հոս մնացէք եւ Տէրը ինչ որ ինծի խօսելու ըլլայ, անոր համեմատ պատասխան տամ ձեզի»։ Մովաբի իշխանները Բաղաամին քով մնացին։ Աստուած Բաղաամին եկաւ ու ըսաւ. «Որո՞նք են այդ քու քովդ եղած մարդիկը»։ Բաղաամ ըսաւ Աստուծոյ. «Մովաբի թագաւորը Սեպփօրեան Բաղակը ասոնք ինծի ղրկեց՝ ըսելով. ‘Ահա Եգիպտոսէն ելլող ժողովուրդը երկրին երեսը ծածկեց. հիմա եկո՛ւր, անիծէ՛ զանիկա ինծի համար, որ թերեւս կարող ըլլամ անոր յաղթել ու զանիկա վռնտել’»։ Աստուած ըսաւ Բաղաամին. «Ատոնց հետ մի՛ երթար, ժողովուրդը մի՛ անիծեր. վասն զի անիկա օրհնեալ է»։ Բաղաամ առտուն ելաւ ու ըսաւ Բաղակին իշխաններուն. «Դուք ձեր երկիրը գացէք. վասն զի Տէրը չի թողուր որ ձեզի հետ երթամ»։ Մովաբի իշխանները ելան ու Բաղակին եկան եւ ըսին. «Բաղաամ մեզի հետ գալ չուզեց»։ Բաղակ դարձեալ անոնցմէ աւելի շատ ու աւելի պատուաւոր իշխաններ ղրկեց։ Ասոնք Բաղաամին եկան եւ ըսին. «Սեպփօրի որդին Բաղակ այսպէս կ’ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, ինծի գալէ մի՛ հրաժարիր. Քանզի քեզի շատ պատիւ պիտի ընեմ եւ ինծի ինչ որ ըսես՝ պիտի ընեմ, ուստի կ’աղաչեմ, եկո՛ւր, անիծէ՛ այս ժողովուրդը ինծի համար’»։ Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Բաղակին ծառաներուն. «Եթէ Բաղակ իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի ալ տայ ինծի, իմ Տէր Աստուծոյս հրամանին հակառակ չեմ կրնար պզտիկ կամ մեծ բան մը ընել։ Արդ, կ’աղաչեմ, այս գիշեր դուք ալ հոս կեցէ՛ք, որպէս զի գիտնամ թէ Տէրը ուրիշ ի՛նչ պիտի ըսէ ինծի»։ Եւ Աստուած գիշերը Բաղաամին եկաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ մարդիկը քեզ կանչելու գան, ելի՛ր, անոնց հետ գնա՛. բայց ինչ որ քեզի հրամայեմ, միայն ա՛ն ըրէ»։ Բաղաամ առտուն ելաւ ու իր իշուն համետը դրաւ եւ Մովաբի իշխաններուն հետ գնաց։ Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցաւ իբրեւ անոր թշնամի։ Բաղաամ իր իշուն վրայ հեծած էր ու իր երկու ծառաները իրեն հետ էին։ Էշը տեսաւ Տէրոջը հրեշտակը, որ ճամբուն վրայ կեցած էր ու իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր։ Էշը ճամբայէն դարձաւ եւ արտը մտաւ։ Բաղաամ էշը ծեծեց, որպէս զի ճամբան դարձնէ զանիկա։ Եւ Տէրոջը հրեշտակը այգիներուն նեղ ճամբուն մէջ կեցաւ, ուր մէկ կողմէն պատ ու միւս կողմէն պատ կար։ Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, պատին քով սեղմուեցաւ եւ Բաղաամին ոտքը պատին ճնշեց։ Ան ալ նորէն ծեծեց զանիկա։ Տէրոջը հրեշտակը առաջ գնաց ու նեղ տեղ մը կեցաւ, ուր աջ կամ ձախ կողմը դառնալու ճար չկար։ Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, Բաղաամին տակ կեցաւ։ Բաղաամին բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ գաւազանով ծեծեց էշը։ Տէրը իշուն բերանը բացաւ ու անիկա Բաղաամին ըսաւ. «Ի՞նչ ըրի քեզի, որ այսպէս երեք անգամ զիս ծեծեցիր»։ Եւ Բաղաամ ըսաւ իշուն. «Զիս ծաղր ընելուդ համար. երանի՜ թէ ձեռքս սուր մը ըլլար, որպէս զի հիմա քեզ մեռցնէի»։ Էշը ըսաւ Բաղաամին. «Ես այն քու էշդ չե՞մ, որուն վրայ կը հեծնէիր քու մանկութենէդ՝ ՝ մինչեւ այսօր. այսպէս ընելու սովորութիւն ունէի՞»։ Բաղաամ ըսաւ. «Ո՛չ»։ Այն ատեն Տէրը բացաւ Բաղաամին աչքերը ու երբ տեսաւ որ Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցած էր եւ իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր, իր երեսին վրայ ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։ Եւ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ այսպէս երեք անգամ էշդ ծեծեցիր. ահա ես քեզի ընդդիմանալու ելայ. վասն զի քու ճամբադ ուղիղ չէ իմ առջեւս։ Էշը զիս տեսաւ ու երեք անգամ իմ առջեւէս մէկդի քաշուեցաւ։ Եթէ անիկա իմ առջեւէս մէկդի չքաշուէր, հիմա ես քեզ անշուշտ մեռցուցած պիտի ըլլայի ու զանիկա ողջ թողուցած»։ Բաղաամ ըսաւ Տէրոջը հրեշտակին. «Մեղք գործեցի, առանց գիտնալու թէ ճամբուն վրայ ինծի դէմ կեցեր էիր, ուստի եթէ քեզի անհաճոյ կ’երեւնայ իմ երթալս, ետ դառնամ»։ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ Բաղաամին. «Գնա՛ այդ մարդոց հետ, բայց այն խօսքը որ քեզի պիտի ըսեմ, միայն այն ըսէ»։ Բաղաամ գնաց Բաղակին իշխաններուն հետ։ Եւ Բաղակ երբ լսեց որ Բաղաամ կու գայ, զանիկա դիմաւորելու ելաւ իր սահմանը եղող Առնոն գետին քովի Մովաբացիներու մէկ քաղաքը, որ սահմանին ծայրն է։ Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Յատկապէս քեզ կանչելու համար չղրկեցի՞. ինչո՞ւ չեկար ինծի. արդեօք քեզի պատիւ ընելու կարողութիւն չունի՞մ» Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Ահա ես քեզի եկայ. բայց ես զօրութիւն ունի՞մ բան մը ըսելու։ Աստուած իմ բերանս ինչ խօսք որ դնէ, զայն պիտի խօսիմ»։ Եւ Բաղաամ Բաղակին հետ գնաց ու Կարիաթ-Հուսովթ եկան։ Եւ Բաղակ արջառներ ու ոչխարներ մորթեց ու Բաղաամին եւ անոր հետ եղող իշխաններուն ղրկեց։ Առտուն Բաղակ առաւ Բաղաամը եւ Բահաղի բարձր տեղերը հանեց զանիկա ու անկէ ժողովուրդին ծայրը ցուցուց։ Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը զուարակ եւ եօթը խոյ պատրաստէ»։ Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ։ Բաղակ ու Բաղաամ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեցին։ Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Դուն քու ողջակէզիդ քով կեցի՛ր ու ես երթամ, թերեւս Տէրը իմ դէմս ելլէ եւ ինչ որ ինծի ցուցնէ՝ քեզի ըսեմ»։ Ու բարձր տեղ մը ելաւ։ Եւ Աստուած Բաղաամին հանդիպեցաւ ու Բաղաամ ըսաւ անոր. «Եօթը սեղան պատրաստեցի ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեցի»։ Եւ Տէրը Բաղաամին բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Դարձի՛ր Բաղակին եւ այսպէս խօսէ»։ Եւ ան դարձաւ անոր ու ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր, ինք ու Մովաբի բոլոր իշխանները։ Եւ իր առակը սկսաւ ու ըսաւ. «Մովաբի թագաւորը Բաղակ զիս Արամէն՝ Արեւելեան լեռներէն բերաւ՝ ըսելով. ‘Եկո՛ւր, Յակոբը անիծէ՛, Եկո՛ւր, Իսրայէլը նզովէ’։ Աստուծոյ չանիծածը ի՞նչպէս անիծեմ, Կամ Տէրոջը չնզովածը ի՞նչպէս նզովեմ. Վասն զի ապառաժներուն գլխէն կը տեսնեմ զանիկա Եւ բլուրներէն կը նայիմ անոր. Ահա այս ժողովուրդը առանձինն պիտի բնակի Ու ազգերուն հետ պիտի չսեպուի։ Յակոբին փոշին ո՞վ կրնայ համրել Եւ Իսրայէլին քառորդը ո՞վ կրնայ հաշուել։ Թող իմ անձս արդարներուն մահովը մեռնի Ու իմ վախճանս անոնց վախճանին պէս ըլլայ»։ Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Այդ ի՞նչ ըրիր ինծի. ես քեզ բերի իմ թշնամիներս անիծելու եւ ահա ուրիշ բան չըրիր, այլ օրհնեցիր»։ Եւ Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինչ որ Տէրը իմ բերանս դնէ, զայն խօսելու հոգ տանելու չե՞մ»։ Եւ Բաղակ նորէն ըսաւ անոր. «Կ’աղաչեմ, ինծի հետ ուրիշ տեղ մը եկուր, որպէս զի անկէ զանոնք տեսնես. անոնց միայն մէկ ծայրը տեսնես եւ անոնց ամէնքը պիտի չտեսնես ու անկէ անիծէ զանոնք ինծի համար»։ Եւ տարաւ զանիկա Սօփիմին արտը, Փասգային գլուխը։ Եօթը սեղան շինեց եւ ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեց։ Եւ այն ատեն Բաղաամ մօտեցաւ ու ըսաւ Բաղակին. «Դուն հոս քու ողջակէզիդ քով կեցիր ու ես հոն Տէրը դիմաւորեմ»։ Եւ Տէրը Բաղաամին դէմ ելաւ եւ անոր բերանը խօսք դրաւ ու ըսաւ. «Բաղակին դարձի՛ր ու այսպէս ըսէ՛»։ Երբ եկաւ անոր, ահա անիկա իր ողջակէզին քով կեցեր էր. Մովաբի իշխաններն ալ անոր հետ էին եւ Բաղակ ըսաւ անոր. «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։ Եւ անիկա իր առակը սկսաւ ու ըսաւ. «Ելի՛ր, ո՜վ Բաղակ ու լսէ՛։ Ո՛վ Սեպփօրի որդի, ինծի մտիկ ըրէ՛։ Աստուած մարդ չէ, որ սուտ խօսի, Ո՛չ ալ մարդու որդի, որ զղջայ. Ինք ըսաւ ու պիտի չընէ՞, Կամ ինք խօսեցաւ ու պիտի չգործադրէ՞։ Ահա օրհնելու հրաման ստացայ։ Ինք օրհնեց Ու ես չեմ կրնար ջնջել։ Յակոբին վրայ անօրէնութիւն չգտաւ, Ո՛չ ալ Իսրայէլի վրայ անզգամութիւն տեսաւ. Անոր Տէր Աստուածը իրեն հետ է. Եւ անոր մէջ թագաւորի ցնծութեան ձայն կայ։ Զանոնք Եգիպտոսէն հանողը Աստուած է. Անիկա միեղջերուի ոյժ ունի։ Քանզի Յակոբին դէմ կախարդութիւն չըլլար Ու Իսրայէլին դէմ՝ դիւթութիւն։ Յակոբին ու Իսրայէլին վրայով՝ ժամանակին Պիտի ըսուի թէ՝ ‘Աստուած ինչե՜ր ըրաւ’։ Ահա այս ժողովուրդը մատակ առիւծի պէս պիտի ելլէ Ու առիւծի պէս պիտի բարձրանայ Ու պիտի չպառկի մինչեւ որ որսը չուտէ Ու սպաննուածներուն արիւնը չխմէ»։ Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Ոչ անէծք տուր անոնց, ոչ ալ՝ օրհնութիւն»։ Բաղաամ պատասխան տալով՝ Բաղակին ըսաւ. «Միթէ ես քեզի չըսի՞, ինչ որ Տէրը խօսի, զայն պիտի ընեմ»։ Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Եկո՛ւր ուրիշ տեղ մը տանիմ քեզ, թերեւս Աստուած հաճի, որ անկէ անիծես զանոնք»։ Ուստի Բաղակ տարաւ Բաղաամը Փոգովրի գագաթը, որ դէպի Եսիմոն կը նայի։ Ու Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Հոս ինծի եօթը սեղան շինէ ու եօթը խոյ պատրաստէ»։ Եւ Բաղակ Բաղաամին ըսածին պէս ըրաւ ու ամէն մէկ սեղանի վրայ մէկմէկ զուարակ ու մէկմէկ խոյ զոհեց»։ Երբ Բաղաամ տեսաւ, որ Տէրը կը հաճի Իսրայէլը օրհնել, ա՛լ միւս անգամներուն պէս հմայքներ փնտռելու չգնաց, այլ իր երեսը դէպի անապատը դարձուց։ Ու Բաղաամ իր աչքերը վերցնելով տեսաւ որ Իսրայէլ իր ցեղերուն կարգովը դաշտին մէջ բանակած է ու Աստուծոյ Հոգին անոր վրայ եկաւ Ու իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Բէովրի որդին Բաղաամին պատգամը Ու աչքը բաց մարդուն պատգամը, Աստուծոյ խօսքերը լսող Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող, Քնանալու պէս գետինը ինկող Ու աչքերը բաց եղողին պատգամը այս է։ Ո՛վ Յակոբ, քու վրաններդ, Ու ո՛վ Իսրայէլ, քու խորաններդ ի՜նչ գեղեցիկ են. Ձորերու պէս տարածուեցան, Գետերու եզերքի պարտէզներու պէս, Տէրոջը տնկած հալուէի ծառերուն Ու ջուրին եզերքը եղող եղեւիններուն պէս են։ Անոր դոյլերէն ջուր պիտի վազէ Ու անոր սերմը առատ ջուրերու մէջ պիտի ըլլայ. Անոր թագաւորը Ագագէ աւելի պիտի բարձրանայ Ու թագաւորութիւնը աճի։ Աստուած զանիկա Եգիպտոսէն հանեց։ Միեղջերուի պէս ոյժ ունի. Իրեն թշնամի եղող ազգերը պիտի ուտէ, Անոնց ոսկորները պիտի կոտրտէ Ու զանոնք իր նետերովը պիտի զարնէ։ Առիւծի պէս երկարեցաւ ու պառկեցաւ, մատակ առիւծի պէս. Զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ։ Քեզ օրհնողները օրհնեալ ըլլան Ու քեզ անիծողները՝ անիծեալ»։ Այն ատեն Բաղակ շատ սրդողեցաւ Բաղաամին ու ձեռքերը իրարու զարկաւ եւ ըսաւ Բաղաամին. «Ես քեզ կանչեցի, որպէս զի իմ թշնամիներս անիծես, բայց ահա այս երեք անգամ է որ, անոնք կ’օրհնես։ Ուստի դուն հիմա քու տեղդ փախիր։ ‘Քեզի շատ պատիւ ընեմ’, ըսի, բայց ահա Տէրը քեզ պատիւէ զրկեց»։ Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Ես քու ղրկած դեսպաններուդ ալ չխօսեցա՞յ՝ ըսելով. ‘Եթէ Բաղակ ինծի իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի ալ տայ, ես Տէրոջը հրամանին չեմ կրնար հակառակիլ ու ինքնիրմէս աղէկ կամ գէշ բան մը ընել։ Տէրը ինչ որ ըսէ, զայն պիտի խօսիմ’։ Եւ ահա ես հիմա իմ հայրենիքս կ’երթամ։ Եկո՛ւր, քեզի հասկցնեմ թէ այս ժողովուրդը վերջին օրերը ի՞նչ պիտի ընէ քու ժողովուրդիդ»։ Այն ատեն իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Բէովրի որդիին Բաղաամին պատգամը Ու աչքը բաց մարդուն պատգամը, Աստուծոյ խօսքերը լսող Եւ բարձրեալին գիտութիւնը գիտցող Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող Եւ քնանալու պէս գետինը ինկող Ու աչքերը բաց եղողին պատգամը այս է։ Զանիկա պիտի տեսնեմ, բայց հիմա չէ. Զանիկա պիտի զննեմ, բայց մօտերս չէ. Յակոբէն աստղ մը պիտի ծագի Ու Իսրայէլէն իշխանութեան գաւազան մը պիտի ելլէ Ու Մովաբի իշխանները պիտի զարնէ Ու Սէթի բոլոր որդիները բնաջինջ պիտի ընէ։ Նաեւ Եդովմ պիտի նուաճուի, Սէիր ալ իր թշնամիներէն պիտի նուաճուի։ Բայց Իսրայէլ քաջութեամբ պիտի շարունակէ։ Եւ Յակոբէն ելլողը պիտի իշխէ Ու քաղաքին մէջ մնացորդը պիտի կորսնցնէ»։ Ետքը Ամաղէկին նայեցաւ ու իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Ամաղէկ ազգերուն գլուխն է, Բայց վերջը բոլորովին պիտի կորսուի»։ Ու Կենեցիին նայեցաւ եւ իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. « Արդարեւ քու նստած տեղդ անառիկ է Ու քու բոյնդ ապառաժի վրայ դրեր ես։ Բայց Կենեցին պիտի աւրուի, Մինչեւ որ Ասուր քեզ գերի տանի»։ Ետքը իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Ափսո՜ս, երբ Աստուած այս բաները ընէ, ո՞վ ողջ պիտի մնայ։ Բայց Կիտացիներու եզերքներէն նաւեր պիտի գան Եւ Ասուրը պիտի չարչարեն ու Եբերը չարչարեն Եւ անոնք ալ բոլորովին պիտի կորսուին»։ Յետոյ Բաղաամ ելաւ գնաց ու իր տեղը դարձաւ։ Բաղակ ալ իր ճամբան գնաց։ Իսրայէլ Սատիմի մէջ բանակեցաւ, ժողովուրդը Մովաբի աղջիկներուն հետ սկսաւ պոռնկութիւն ընել։ Անոնք ժողովուրդը հրաւիրեցին իրենց աստուածներուն զոհերուն։ Ժողովուրդը զոհերէն ուտելով անոնց աստուածներուն երկրպագութիւն ըրին։ Իսրայէլ Բելփեգովրի յարեցաւ, ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ։ Եւ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ժողովուրդին բոլոր իշխանները ա՛ռ ու զանոնք Տէրոջը առջեւ արեւին դէմ կախէ՛, որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլէն դառնայ»։ Եւ Մովսէս Իսրայէլի դատաւորներուն ըսաւ. «Ամէն մէկդ մեռցուցէ՛ք ձեր այն մարդիկը, որոնք Բելփեգովրին յարեցան»։ Ահա Իսրայէլի որդիներէն մէկը եկաւ ու իր եղբայրներուն Մադիանացի կին մը բերաւ՝ Մովսէսին աչքին առջեւ ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին առջեւ, երբ անոնք վկայութեան խորանին դրանը քով կու լային։ Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին որդին Փենեհէս այս բանը տեսնելով՝ ժողովուրդին մէջէն ելաւ ու ձեռքը գեղարդ մը առաւ Եւ Իսրայելացի մարդուն ետեւէն սենեակը մտաւ ու երկուքն ալ՝ այսինքն Իսրայելացին եւ կինը՝ փորէն խոցեց։ Այսպէս հարուածը Իսրայէլի որդիներէն դադրեցաւ։ Հարուածէն մեռածները քսանըչորս հազար հոգի էին։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ահարոն քահանային որդիին Եղիազարին որդին Փենեհէս իմ բարկութիւնս Իսրայէլի որդիներէն դարձուց, որովհետեւ անիկա ինծի համար նախանձախնդիր եղաւ անոնց մէջ. այդ պատճառով Իսրայէլի որդիները բնաջինջ չըրի։ Ասոր համար ըսէ թէ՝ ‘Ահա ես անոր կու տամ իմ խաղաղութեան ուխտս Եւ անոր ու անկէ ետքը անոր սերունդին յաւիտենական քահանայութեան ուխտ մը ըլլայ, որովհետեւ իր Աստուծոյն համար նախանձախնդիր եղաւ ու Իսրայէլի որդիներուն համար քաւութիւն ըրաւ’»։ Մադիանացի կնոջ հետ զարնուող Իսրայելացի մարդուն անունը Զամբրի էր, որ Սալուին որդին ու Շմաւոնեաններուն մէկ տոհմին իշխանն էր։ Ու զարնուող Մադիանացի կնոջ անունը Քազբի էր, որ Մադիամի մէջ ազգատոհմի իշխան եղող Սուրին աղջիկն էր։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Մադիանացիները թշնամի սեպեցէք ու զանոնք զարկէք, Քանզի անոնք իրենց ըրած նենգութիւններովը ձեզի թշնամութիւն ըրին Փոգովրի գործին մէջ ու իրենց քրոջ գործին մէջ, այսինքն Մադիանացի իշխանին աղջկան Քազբիին, որ հարուածին օրը զարնուեցաւ Փոգովրին համար»։ Հարուածէն յետոյ Տէրը Մովսէսին եւ Ահարոնին որդիին Եղիազար քահանային խօսեցաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին մարդահամարը ըրէք, անոնց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր եղողներունը, այսինքն Իսրայէլի մէջ բոլոր պատերազմելու կարող եղողները՝ ՝ համրելով »։ Ուստի Մովսէսն ու Եղիազար քահանան Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի առջեւ Յորդանանի մօտ անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով. «Քսան տարեկանէն վեր եղողները համրեցէք », ինչպէս Տէրը Մովսէսին ու Եգիպտոսի երկրէն ելած Իսրայէլի որդիներուն հրամայեց։ Ռուբէն, Իսրայէլի անդրանիկը եւ Ռուբէնին որդիները՝ Ենովքէն Ենովքեաններուն տոհմը, Փաղղուսէն Փաղղուսեաններուն տոհմը, Եսրոնէն Եսրոնեաններուն տոհմը, Քարմիէն Քարմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Ռուբէնեաններուն տոհմերը ասոնք են ու անոնք քառասունըերեք հազար եօթը հարիւր երեսուն հոգի էին։ Եւ Փաղղուսին որդին Եղիաբն էր։ Ու Եղիաբին որդիները Նամուէլ, Դաթանն ու Աբիրոնն էին. այս դաթանն ու Աբիրոնը ժողովուրդին մէջ երեւելիներ էին ու ասոնք էին, որ Տէրոջը դէմ կեցող Կորխի խումբին հետ՝ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ կեցան Եւ երկիրը իր բերանը բանալով կլլեց զանոնք ու Կորխն ալ, այն խումբին մեռած ատենը, կրակը այն երկու հարիւր յիսուն մարդիկը կերաւ ու անոնք ամենուն օրինակ եղան։ Բայց Կորխին որդիները չմեռան։ Շմաւոնին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Նամուէլէն Նամուէլեաններուն տոհմը, Յամինէն Յամինեաններուն տոհմը, Յաքինէն Յաքինեաններուն տոհմը, Զարայէն Զարայեաններուն տոհմը, Սաւուղէն Սաւուղեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Շմաւոնեաններուն տոհմերը քսանըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։ Գադին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Սափոնէն Սափոնեաններուն տոհմը, Անգիէն Անգեանցներուն տոհմը, Սունիէն Սունեաններուն տոհմը, Ազենիէն Ազենեաններուն տոհմը, Էրիէն Էրեաններուն տոհմը, Արօդիէն Արօդեաններուն տոհմը, Արելիէն Արելեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Գադին որդիներուն տոհմերը ասոնք են ու անոնք քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Յուդային որդիները Էրն ու Օնանն էին. բայց Էր ու Օնան Քանանի երկրին մէջ մեռան։ Եւ Յուդային որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք էին՝ Սելօմէն Սելօմեաններուն տոհմը, Փարէսէն Փարէսեաններուն տոհմը, Զարայէն Զարայեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Ու Փարէսին որդիները ասոնք էին՝ Եսրոնէն Եսրոնեաններուն տոհմը, Համուլէն Համուլեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Յուդային տոհմերը ասոնք են եւ անոնք եօթանասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգին էին։ Իսաքարին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Թովղայէն Թովղայեաններուն տոհմը, Փուայէն Փուայեաններուն տոհմը, Յասուբէն Յասուբեաններուն տոհմը, Սամրօնէն Սամրօնեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Իսաքարին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք վաթսունըչորս հազար երեք հարիւր հոգի էին։ Զաբուղոնին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Սարեդէն Սարեդեաններուն տոհմը, Ելօնէն Ելօնեաններուն տոհմը, Յաղելէն Յաղելեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Զաբուղոնին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք վաթսուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Յովսէփին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Մանասէն ու Եփրեմն էին։ Մանասէին որդիները՝ Մաքիրէն Մաքիրեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ու Մաքիր ծնաւ Գաղաադը ու Գաղաադէն Գաղաադեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Գաղաադին որդիները ասոնք են՝ Իեզերէն Իեզերեաններուն տոհմը, Քեղեգէն Քեղեգեաններուն տոհմը Ու Ասրիէլէն Ասրիէլեաններուն տոհմը ու Սիւքէմէն Սիւքէմեաններուն տոհմը Ու Սեմիդայէն Սեմիդայեաններուն տոհմը ու Ոփերէն Ոփերեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Ու Ոփերին որդին Սալպաադ տղաքներ չունեցաւ, միայն աղջիկներ ունեցաւ ։ Սալպաադին աղջիկներուն անունները Մաալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա էին։ Մանասէին տոհմերը ասոնք են ու անոնք յիսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։ Եփրեմին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Սուտաղայէն Սուտաղայեաններուն տոհմը, Բոքորէն Բոքորեաններուն տոհմը, Թաանէն Թաանեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Եւ Սուտաղային որդիները ասոնք են՝ Էրանէն Էրանեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Եփրեմին որդիներուն տոհմերը ասոնք են եւ անոնք երեսունըերկու հազար հինգ հարիւր հոգի էին։ Յովսէփին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են։ Բենիամինին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Բաղայէն Բաղայեաններուն տոհմը, Ասբէլէն Ասբէլեաններուն տոհմը, Աքիրամէն Աքիրամեաններուն տոհմը, Սուփամէն Սուփամեաններուն տոհմը, Ոփիմէն Ոփիմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Ու Բաղային որդիները Արեդն ու Նէեմանն էին. Արեդէն Արեդեաններուն տոհմը, Նէեմանէն Նէեմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Բենիամինին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են ու անոնք քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր հոգի էին։ Դանին որդիները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Սուհամէն Սուհամեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ. Դանին տոհմերը իրենց տոհմերովը ասոնք են։ Սուհամեաններուն բոլոր տոհմերը վաթսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։ Ասերին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Յեմնայէն Յեմնայեաններուն տոհմը, Յեսուիէն Յեսուիեաններուն տոհմը, Բարիայէն Բարիայեաններուն տոհմը։ Բարիային որդիներէն Քաբերէն Քաբերեաններուն տոհմը, Մեղքիէլէն Մեղքիէլեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Ու Ասերին աղջկան անունը Սարա էր։ Ասերին որդիներուն տոհմերը ասոնք են եւ անոնք յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։ Նեփթաղիմին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Յասիէլէն Յասիէլեաններուն տոհմը, Գունիէն Գունեաններուն տոհմը, Յասերէն Յասերեաններուն տոհմը, Սիլլեմէն Սիլլեմեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Նեփթաղիմին տոհմերը ասոնք են եւ անոնք քառասունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։ Իսրայէլի որդիներուն գումարը, վեց հարիւր մէկ հազար եօթը հարիւր երեսուն էր։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Այն երկիրը ժառանգութեան համար իրենց անուններուն թիւին համեմատ ասոնց պիտի բաժնուի։ Շատ եղողին՝ ժառանգութիւնը շատ պէտք է տաս ու քիչ եղողին՝ ժառանգութիւնը քիչ պէտք է տաս. ամէն մէկուն իր համրանքին համեմատ ժառանգութիւն պէտք է տրուի։ Բայց երկիրը վիճակով պէտք է բաժնուի ու իրենց նահապետներու ցեղերուն անուններուն համեմատ պէտք է ժառանգեն։ Շատի ու քիչի մէջ ժառանգութիւնը վիճակով պէտք է բաժնուի։ Ու Ղեւտացիներուն համրուածները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Գերսոնէն Գերսոնեաններուն տոհմը, Կահաթէն Կահաթեաններուն տոհմը, Մերարիէն Մերարեաններուն տոհմը յառաջ եկաւ ։ Ղեւտացիներուն տոհմերը ասոնք են՝ Ղոբենեաններուն տոհմը, Քեբրոնեաններուն տոհմը, Մոողեաններուն տոհմը, Մուսեաններուն տոհմը ու Կորխեաններուն տոհմը։ Եւ Կահաթ ծնաւ Ամրամը։ Ու Ամրամին կնոջ անունը Յոքաբեդ էր, Ղեւիին աղջիկը, որուն մայրը զանիկա Եգիպտոսի մէջ ծնաւ Ղեւիին։ Անիկա Ամրամին ծնաւ Ահարոնն ու Մովսէսը եւ անոնց քոյրը Մարիամը։ Եւ Ահարոնին՝ Նադաբ եւ Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար ծնան։ Բայց Նադաբ ու Աբիուդ Տէրոջը առջեւ օտար կրակ մատուցանած ատեննին մեռան։ Արդ, ասոնց թիւը, այսինքն մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, քսանըերեք հազար հոգի էին. քանզի անոնք Իսրայէլի որդիներուն հետ չհամրուեցան, քանի որ Իսրայէլի որդիներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն պիտի չտրուէր։ Մովաբի դաշտերուն մէջ, Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ, Իսրայէլի որդիները հաշիւի անցընող Մովսէսին ու Եղիազար քահանային համրածները ասոնք են։ Ասոնց մէջ բնաւ մարդ մը չկար Իսրայէլի որդիներուն նախապէս համրուածներէն, որոնք Մովսէս ու Ահարոն քահանան Սինայի անապատին մէջ համրեցին։ Քանզի Տէրը անոնց համար ըսեր էր թէ՝ «Անշուշտ անապատին մէջ պիտի մեռնին». ուստի անոնցմէ մարդ մը չմնաց, բացի Յեբոնեան Քաղէբէն ու Նաւեան Յեսուէն։ Յովսէփին որդիին Մանասէին տոհմերէն՝ Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադի որդիին Ոփերին որդիին Սալպաադին աղջիկները մօտեցան Մովսէսին։ Այս աղջիկներուն անուններն են՝ Մալաա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։ Ասոնք Մովսէսին եւ Եղիազար քահանային ու իշխաններուն եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ կայնեցան վկայութեան խորանին դուռը ու ըսին. «Մեր հայրը անապատին մէջ մեռաւ ու անիկա Տէրոջը դէմ հաւաքուածներուն խումբին մէջ, Կորխի խումբին մէջ չէր, բայց անիկա իր մեղքովը մեռաւ ու տղայ չունէր։ Ինչո՞ւ համար մեր հօրը անունը իր տոհմին մէջէն վերնայ տղայ չունենալուն համար. մեզի ժառանգութիւն տուէք մեր հօրը եղբայրներուն մէջ»։ Ու Մովսէս անոնց դատը Տէրոջը առջեւ դրաւ։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Սալպաադին աղջիկները շիտակ խօսեցան. անպատճառ անոնց ժառանգութեան բաժինը պէտք է տաս իրենց հօրը եղբայրներուն մէջ ու անոնց հօրը ժառանգութիւնը իրենց վրայ պէտք է դարձնես Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսիս ու ըսես. ‘Եթէ մարդ մը մեռնի ու տղայ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջկան վրայ պէտք է դարձնէք. Բայց եթէ անիկա աղջիկ ալ չունենայ, այն ատեն անոր ժառանգութիւնը իր եղբայրներուն պէտք է տաք Եւ եթէ եղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր հօրեղբայրներուն պէտք է տաք Ու եթէ հօրեղբայրներ ալ չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր տոհմին մէջ իր ամենէն մօտ ազգականին պէտք է տաք ու ան ըլլայ անոր ժառանգորդը։ Ասիկա Իսրայէլի որդիներուն դատաստանի օրէնք պէտք է ըլլայ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց’»։ Յետոյ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Այդ Աբարիմին լեռը ելի՛ր ու տե՛ս այն երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ Եւ զայն տենելէ յետոյ, դուն ալ քու ժողովուրդիդ պիտի խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն խառնուեցաւ. Որովհետեւ դուք իմ հրամանիս դէմ ապստամբութիւն ըրիք Սին անապատին մէջ՝ ժողովուրդին հակառակութիւն ըրած ատենը ու անոնց առջեւ զիս չփառաւորեցիք այն ջուրին քով»։ (Այս է Կադէսի Մերիպայի ջուրը Սին անապատին մէջ։) Եւ Մովսէս խօսեցաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Տէրը, բոլոր մարդոց հոգիներուն Աստուածը, այս ժողովուրդին վրայ մարդ մը թող որոշէ, Որպէս զի անիկա անոնց առջեւէն ելլէ ու մտնէ ու զանոնք հանէ ու մտցնէ, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը անհովիւ ոչխարներու պէս չըլլայ»։ Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ա՛ռ քեզի Նաւէին որդին Յեսուն, որուն վրայ Հոգի կայ ու անոր վրայ ձեռքդ դի՛ր Եւ զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ կեցուր եւ անոնց աչքին առջեւ անոր պատուէր տուր Ու քու փառքէդ անոր վրայ դիր, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը անոր հնազանդի։ Անիկա Եղիազար քահանային առջեւ պիտի կենայ ու Տէրոջը առջեւ Ուրիմին կանոնովը անոր պիտի հարցնէ՝ ՝, անոր խօսքովը պիտի ելլեն ու անոր խօսքովը պիտի մտնեն, ինք եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլի որդիները ու բոլոր ժողովուրդը»։ Մովսէս ըրաւ ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր, առաւ Յեսուն ու զանիկա Եղիազար քահանային ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ կեցուց։ Իր ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ անոր պատուէր տուաւ, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. ‘Իմ անուշահոտ պատարագներուս ընծայուած հացը՝ որոշուած ատեն ինծի մատուցանեցէք’։ Ու անոնց ըսէ՛. ‘Ասոնք են այն պատարագները, որոնք Տէրոջը պիտի մատուցանէք՝ օրը երկու հատ մէկ տարեկան անարատ գառ մշտնջենաւոր ողջակէզի համար։ Մէկ գառը առտուն պէտք է մատուցանէք ու միւս գառը՝ իրիկունը։ Արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւրով հացի ընծայ պէտք է ընէք, որ շաղուած պէտք է ըլլայ հիմէնի մը մէկ քառորդ ծեծուած իւղով։ Ասիկա Սինա լերանը վրայ սահմանուած մշտնջենաւոր ողջակէզ է, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։ Անոր ըմպելի նուէրը մէկ գառին համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասն ըլլայ, բարկ ըմպելին սուրբ տեղին մէջ ըմպելի նուէր ըրէ Տէրոջը։ Միւս գառը իրիկունը մատուցանէ։ Ու առտուան հացի ընծային ու անոր ըմպելի նուէրին պէս ըրէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։ Բայց շաբաթ օրը մէկ տարեկան երկու անարատ գառ ու իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայի համար ու անոր ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէք ։ Ասիկա մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր ըմպելի նուէրէն զատ ամէն շաբաթ օրուան ողջակէզը ըլլալու է։ Ձեր ամսագլուխներուն Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէք երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան անարատ գառ։ Ամէն մէկ զուարակի համար իւղով շաղուած երեք տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ եւ մէկ խոյին համար իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ, Ամէն մէկ գառին համար իւղով շաղուած մէկմէկ տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պիտի մատուցանէք, Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ ըլլալու։ Անոնց ըմպելի նուէրնէրը՝ ամէն մէկ զուարակին համար կէս հիմէն ու մէկ խոյին համար հիմէնին մէկ երրորդ մասը եւ ամէն մէկ գառի համար հիմէնին մէկ չորրորդ մասը գինի պիտի ըլլայ։ Ասիկա տարուան բոլոր ամիսներուն համար՝ ամսէ ամիս՝ մատուցուելիք ողջակէզն է։ Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ՝ մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազ մը իր ըմպելի նուէրովը մէկտեղ պիտի մատուցուի Տէրոջը։ Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկ է Տէրոջը։ Այն ամսուան տասնըհինգերորդ օրը տօն է։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտուի։ Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ։ Բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ Տէրոջը պատարագ ու ողջակէզ պիտի մատուցանէք՝ երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ։ Անարատ ըլլալու են։ Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ. ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար երկու տասնորդ պիտի մատուցանէք։ Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ պիտի մատուցանէք։ Ձեզի քաւութիւն ընելու համար մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք ։ Ասոնք մշտնջենաւոր ողջակէզ եղող առտուան ողջակէզէն զատ պիտի մատուցանէք։ Այն եօթը օրերուն ամէն մէկ օրը ասոնց պէս Տէրոջը անուշահոտ պատարագ պէտք է ընէք։ Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ ասիկա ու ասոր ըմպելի նուէրը պիտի մատուցուին։ Եօթներորդ օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ ձեզի, ոեւէ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ Երախայրիներուն օրը, երբ ձեր շաբաթներուն տօնին մէջ Տէրոջը նոր հացի ընծայ մատուցանէք, սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար երկու զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը հատ գառ պիտի մատուցանէք։ Անոնց հացի ընծան՝ ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ, մէկ խոյին համար երկու տասնորդ, Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի մատուցանէք ։ Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ պիտի մատուցանէք ։ Մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն զատ, ասոնք ալ իրենց ըմպելի նուէրներովը պիտի մատուցանէք։ Բայց անարատ ըլլալու են։ Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։ Փող հնչեցնելու օր պիտի ըլլայ։ Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ պէտք է մատուցանէք։ Անոնց հացի ընծան մէկ զուարակին համար՝ երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար՝ երկու տասնորդ Եւ եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։ Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք Ասոնք Տէրոջը անուշահոտ պատարագ պիտի մատուցանէք ։ Ամսագլխու ողջակէզը ու անոր հացի ընծան եւ մշտնջենական ողջակէզը ու անոր հացի ընծան եւ ասոնց ըմպելի նուէրները մատուցանելէն զատ։ Եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ ու ձեր անձերը պիտի խոնարհեցնէք։ Ամենեւին գործ մը պիտի չընէք։ Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ պիտի մատուցանէք։ Անոնք անարատ պէտք է ըլլան։ Անոնց հացի ընծան մէկ զուարակի համար՝ երկու տասնորդ, մէկ խոյի համար՝ երկու տասնորդ, Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի ըլլայ։ Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, բացի քաւութեան օրը մատուցուած մեղքի պատարագէն ու մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու անոնց ըմպելի նուէրներէն։ Եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պիտի չընէք։ Եօթը օր Տէրոջը տօն պէտք է պահէք։ Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար տասնըերեք զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառ մատուցանեցէք. անոնք անարատ պէտք է ըլլան։ Անոնց հացի ընծան տասնըերեք զուարակներէն ամէն մէկ զուարակի համար երեք տասնորդ ու երկու խոյերէն ամէն մէկ խոյի համար՝ երկու տասնորդ Եւ տասնըչորս գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։ Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն եւ ըմպելի նուէրէն զատ։ Երկրորդ օրը տասներկու զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք ։ Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրներէն զատ։ Երրորդ օրը տասնըմէկ զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք ։ Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։ Չորրորդ օրը տասը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս գառ պէտք է մատուցանէք ։ Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ Այծերէն մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենաւոր ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։ Հինգերորդ օրը ինը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք ։ Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։ Վեցերորդ օրը ութը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պէտք է մատուցանէք ։ Անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ Մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք. մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրներէն զատ։ Եօթներորդ օրը եօթը զուարակ, երկու խոյ ու մէկ տարեկան տասնըչորս անարատ գառ պիտի մատուցանէք Եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակներուն, խոյերուն ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են։ Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պէտք է մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։ Ութերորդ օրը տօնախմբութեան օր է, բնաւ ծառայական գործ մը պէտք չէ ընէք։ Եւ Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագի համար, մէկ զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը անարատ գառ պէտք է մատուցանէք Եւ անոնց հացի ընծան ու ըմպելի նուէրները, զուարակին, խոյին ու գառներուն համար, իրենց թիւին համեմատ, օրէնքին համաձայն ըլլալու են Ու մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք, մշտնջենական ողջակէզէն եւ անոր հացի ընծայէն ու ըմպելի նուէրէն զատ։ Ձեր տօներուն մէջ ասոնք պէտք է մատուցանէք Տէրոջը, ձեր ուխտերուն ու ձեր կամաւոր ընծաներուն ողջակէզներէն, հացի ընծաներէն, ըմպելի նուէրներէն ու խաղաղութեան զոհերէն զատ»։ Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն իմացուց այն ամէնը, որ Տէրը իրեն պատուիրեր էր։ Մովսէս Իսրայէլի որդիներու ցեղերու իշխաններուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Տէրոջը պատուիրածը այս է. Եթէ մարդ մը Տէրոջը ուխտ ընէ կամ երդում ընելով իր անձը կապելու ըլլայ, իր խօսքը պարապ թող չհանէ, բոլոր իր բերնէն ելածին պէս թող ընէ։ Կամ եթէ կին մը Տէրոջը ուխտ ընէ ու իր մանկութեան ատենը իր հօրը տանը մէջ զինք կապելու ըլլայ Եւ անոր հայրը անոր ուխտն ու խոստումը լսէ եւ անոր հայրը բան մը չըսէ անոր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու անոր բոլոր խոստումներն ալ պիտի հաստատուին։ Բայց եթէ անոր հայրը իր լսած օրը անոր հակառակի, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերն ու խոստումները անվաւեր պիտի ըլլան եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ. քանզի անոր հայրը անոր հակառակած էր։ Կամ եթէ ուխտ ըրած կամ իր շրթունքներէն ելած խոստումը անխորհուրդ խօսք մը եղած ըլլալով ամուսնանայ Ու անոր այրը լսէ եւ լսած օրը անոր բան մը չըսէ, այն ատեն անոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու իր խոստումները պիտի հաստատուին։ Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը անոր հակառակի, այն ատեն անոր վրայ եղած ուխտն ու շրթունքներուն անխորհուրդ խօսքը որով խոստացեր էր՝ անվաւեր կը դառնան եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ։ Բայց որբեւարիի կամ արձակուածի մը ուխտը ու իր խոստումը հաստատ պիտի մնայ։ Եւ եթէ անիկա իր էրկանը տանը մէջ ուխտ ըրած կամ երդումով խոստացած էր Ու անոր այրը լսելով բան մը ըսած չէր անոր եւ հակառակած չէր, այն ատեն անոր բոլոր ուխտերը պիտի հաստատուին ու խոստումները հաստատ պիտի մնան։ Բայց եթէ անոր այրը իր լսած օրը զանոնք խափանեց, այն ատեն ուխտ ընելու ու խոստումի համար անոր բերնէն ելած բոլոր խօսքերը անվաւեր պիտի ըլլան, քանզի անոր այրը խափանեց զանոնք եւ Տէրը անոր թողութիւն պիտի տայ։ Կնոջ մը ամէն ուխտ ու անձը խոնարհեցնելու համար խոստումի երդում անոր այրը կրնայ հաստատել կամ կրնայ խափանել։ Եւ եթէ անոր այրը օրէ օր անոր բան մը չըսէ, այն ատեն ամէն ուխտերն ու խոստումները հաստատուած կըլլան, քանի որ բան մը ըսած չէր։ Բայց եթէ լսած օրէն ետքը կերպով մը խափանէ զանոնք, այն ատեն ինք պիտի կրէ անոր անօրէնութիւնը»։ Էրկան մը եւ անոր կնոջ մէջտեղ եւ հօր մը ու մանկութեան ատեն իր հօրը տունը բնակող աղջկան մէջտեղ պահուելու կանոնները ասոնք են, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Մադիանացիներէն Իսրայէլի որդիներուն վրէժը ա՛ռ ու ապա քու ժողովուրդիդ խառնուէ»։ Մովսէս ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ձեզմէ մարդիկ թող պատրաստուին պատերազմի համար ու Մադիամի վրայ երթան, որ Մադիամէն Տէրոջը վրէժը առնեն։ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ամէն մէկէն հազարական մարդ պատերազմի պէտք է ղրկէք»։ Իսրայէլի ամէն մէկ ցեղէն հազարական մարդ ընտրուեցա. այսինքն տասներկու հազար հոգի պատերազմի համար պատրաստուեցան։ Մովսէս պատերազմի ղրկեց զանոնք, իւրաքանչիւր ցեղէն հազարական մարդ ու անոնց հետ Եղիազար քահանային որդին Փենեհէսը պատերազմի ղրկեց, որուն ձեռքն էին սուրբ անօթներն ու ազդարարութեան փողերը։ Եւ Մադիանացիներու դէմ պատերազմեցան, ինչպէս Տէրը Մովսէսին հրամայեր էր ու անոնց բոլոր այր մարդիկը մեռցուցին Եւ անոնց սպաննուածներուն հետ Մադիամի թագաւորներն ալ՝ Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը եւ Ռօբէն՝ Մադիամի հինգ թագաւորները սպաննեցին ու Բէովրի որդին Բաղաամը սրով մեռցուցին։ Եւ Իսրայէլի որդիները Մադիանացիներու կիներն ու տղաքները գերի առին ու անոնց բոլոր անասունները եւ հօտերն ու ստացուածքը աւար առին։ Եւ անոնց բնակած բոլոր քաղաքներն ու բոլոր գիւղերը կրակով այրեցին։ Եւ բոլոր աւարն ու բոլոր կողոպուտը առին մարդէ մինչեւ անասուն։ Եւ գերիներն ու կողոպուտը եւ աւարը Մովսէսին, Եղիազար քահանային ու Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին, բանակը բերին, որ Երիքովի դէմ՝ Յորդանանի մօտ՝ Մովաբի դաշտերուն մէջ էր։ Մովսէս ու Եղիազար քահանան եւ ժողովուրդին բոլոր իշխանները բանակէն դուրս ելան զանոնք դիմաւորելու։ Մովսէս պատերազմէն դարձող զօրքերուն իշխաններուն, հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն սրդողեցաւ Եւ անոնց ըսաւ. «Արդեօք բոլոր կիները ո՞ղջ թողուցիք։ Ահա Բաղաամին խրատովը ատոնք պատճառ եղան, որ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը դէմ մեղանչեցին Փոգովրի գործին մէջ եւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ այն հարուածը եկաւ։ Ուստի հիմա տղաքներէն ամէն արու մեռցուցէք ու այն աղջիկները, որոնք այր մարդ գիտցած են՝ արուի հետ պառկելով՝ մեռցուցէք։ Եւ կիներէն այն բոլոր մանկահասակ աղջիկները, որոնք այր մարդ գիտցած չեն՝ արուի հետ չեն պառկած՝ ձեզի համար ողջ թողուցէք։ Եւ դուք եօթը օր բանակէն դուրսը մնացէ՛ք։ Ով որ մարդ մեռցուցեր է եւ ով որ մեռածի դպեր է երրորդ օրն ու եօթներորդ օրը թող մաքրուի, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր գերիները։ Եւ ամէն հանդերձ ու ամէն մորթէ շինուած աման եւ այծի մազէ շինուած ամէն բան ու ամէն փայտեղէն աման մաքրեցէ՛ք»։ Եղիազար քահանան պատերազմի գացող զօրքերուն ըսաւ. «Ասիկա է այս օրէնքը, որ Տէրը Մովսէսին հրամայեց։ Միայն ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, անագն ու կապարը, Ամէն բան, որ կրնայ կրակի դիմանալ կրակէ անցուցէք, որ մաքուր ըլլայ, սակայն կրակի չդիմացող ամէն բան ջուրէ անցուցէք։ Ու եօթներորդ օրը ձեր հանդերձները լուացէք, որ մաքուր ըլլաք ու ետքը բանակին մէջ մտնէք»։ Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Դուն Եղիազար քահանային ու ժողովուրդին նահապետական իշխաններուն հետ՝ առնուած կողոպուտին գումարը ա՛ռ՝ մարդէ մինչեւ անասուն։ Եւ այն կողոպուտը պատերազմի գացող պատերազմողներուն ու բոլոր ժողովուրդին հաւասարապէս բաժնէ։ Պատերազմողներէն Տէրոջը հասը ա՛ռ՝ հինգ հարիւրէն մէկը՝ թէ՛ մարդոցմէն, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն եւ թէ՛ ոչխարներէն։ Այս հասը անոնց կէս բաժինէն պէտք է առնես ու Եղիազար քահանային տաս իբրեւ Տէրոջը ընծայ։ Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն՝ յիսունէն մէկը՝ ա՛ռ, թէ՛ մարդոցմէ, թէ՛ արջառներէն, թէ՛ էշերէն, թէ՛ ոչխարներէն եւ թէ՛ ամէն անասուններէ ու զանոնք Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տո՛ւր»։ Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան Տէրոջը Մովսէսին հրամայածին պէս ըրին։ Եւ կողոպուտը, այսինքն պատերազմող զօրքին առած աւարին գումարը այս էր՝ վեց հարիւր եօթանասունըհինգ հազար ոչխար, Եօթանասունըերկու հազար արջառ Ու վաթսունըմէկ հազար էշ Եւ մարդոցմէն՝ այր մարդու անկողին չգիտցող աղջիկները երեունըերկու հազար հոգի էին։ Եւ պատերազմի գացողներուն ինկած կէս բաժինը այս էր՝ ոչխարներուն թիւը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր էր Որմէ Տէրոջը հասը՝ վեց հարիւր եօթանասունըհինգ եղաւ Եւ արջառները երեսունըվեց հազար ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը եօթանասունըերկու արջառ եղաւ Ու էշերը երեսուն հազար հինգ հարիւր ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունըերկու եղաւ։ Եւ մարդիկը տասնըվեց հազար հոգի ըլլալով՝ անոնցմէ Տէրոջը հասը երեսունըերկու հոգի եղաւ։ Եւ Մովսէս Տէրոջը նուիրուած հասը Եղիազար քահանային տուաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեր էր։ Եւ Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն ալ, որ Մովսէս պատերազմողներէն զատեր էր, Տէրոջը հասը առաւ ։ Եւ ժողովուրդին կէս բաժինը երեք հարիւր երեսունըեօթը հազար հինգ հարիւր ոչխար, Երեսունըվեց հազար արջառ, Երեսուն հազար հինգ հարիւր էշ Ու տասնըվեց հազար հոգի էր։ Եւ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն կէս բաժինէն՝ թէ՛ մարդէն, թէ՛ անասունէն՝ յիսունէն մէկը առնելով, Տէրոջը խորանին պահպանութիւնը ընող Ղեւտացիներուն տուաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին հրամայեր էր։ Զօրքին վերակացուները, այսինքն հազարապետներն ու հարիւրապետները, Մովսէսին մօտեցան Ու Մովսէսին ըսին. «Քու ծառաներդ մեր ձեռքին տակ եղող պատերազմողներուն գումարը առինք ու մեզմէ մարդ մը պակաս չէ։ Ուստի ամէն մէկս ինչ որ գտանք՝ Տէրոջը ընծայ բերինք՝ ոսկիէ զարդեր, շղթաներ, ապարանջաններ, մատանիներ, օղեր ու մանեակներ, որ Տէրոջը առջեւ մեր հոգիներուն քաւութիւն ընենք»։ Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան անոնցմէ ոսկին առին, ամէնն ալ բանուած զարդեր էին։ Եւ հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն Տէրոջը մատուցուած ընծային բոլոր ոսկին տասնըվեց հազար եօթը հարիւր յիսուն սիկղ էր։ (Պատերազմողներէն իւրաքանչիւրը իրեն համար կողոպուտ առեր էր։) Եւ Մովսէս ու Եղիազար քահանան հազարապետներէն ու հարիւրապետներէն ոսկին առին եւ վկայութեան խորանը բերին, Տէրոջը առջեւ որպէս Իսրայէլի որդիներուն յիշատակը։ Գադին որդիները ու Ռուբէնին որդիները խիստ շատ անասուններ ունէին. ուստի տեսնելով որ Յազերի երկիրը ու Գաղաադի երկիրը անասուն պահելու յարմար տեղ են, Գադի որդիները ու Ռուբէնի որդիները գացին ու Մովսէսին, Եղիազար քահանային եւ ժողովուրդին իշխաններուն հետ խօսելով՝ ըսին. «Ատարովթ, Դեբոն, Յազեր, Նամրա, Եսեփոն, Եղէաղէ, Սեբամա, Նաբաւ ու Բէան՝ Այսինքն Տէրոջը Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւ զարկած երկիրը, անասուն պահելու յարմար երկիր մըն է ու քու ծառաներդ շատ անասուններ ունին. Ուստի, եթէ մենք քու առջեւդ շնորհք գտանք, այս երկիրը քու ծառաներուդ տուր որպէս կալուածք եւ մեզ Յորդանանէն մի՛ անցըներ»։ Եւ Մովսէս Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն ըսաւ. «Ձեր եղբայրները պատերազմի երթան ու դուք այս տեղը նստի՞ք։ Ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն սիրտը պիտի թուլցնէք, որ չանցնին այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուած է։ Ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին, երբ զանոնք Կադէս-Բառնեայէն ղրկեցի երկիրը լրտեսելու համար։ Քանզի անոնք մինչեւ Եսքողի ձորը ելան ու երկիրը տեսան եւ Իսրայէլի որդիներուն սիրտը թուլցուցին, որպէս զի չմտնեն այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուեր էր։ Եւ նոյն օրը Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու երդում ընելով՝ ըսաւ. ‘Եգիպտոսէն ելած մարդոցմէ քսան տարեկանէն վեր եղողները, բոլոր սրտով ինծի չհնազանդելնուն համար, բնաւ պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդուն ըրի որ տամ, Կենեզեան Յեփոնէի որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէի որդիէն Յեսուէն զատ, որոնք կատարելապէս Տէրոջը հանզանդեցան։ Եւ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուց, մինչեւ որ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընող սերունդը բոլորվին սպառեցաւ։ Ահա դուք ձեր հայրերուն տեղը ելաք՝ մեղաւոր մարդոց զաւակներու պէս՝ որպէս զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ նորէն աւելցնէք։ Վասն զի եթէ դուք անկէ խոտորիք, ան ալ նորէն այս ժողովուրդը անապատին մէջ պիտի ձգէ ու դուք այս բոլոր ժողովուրդին կորուստին պատճառ պիտի ըլլաք’»։ Անոնք մօտեցան անոր ու ըսին. «Մենք այստեղ միայն կ’ուզենք մեր անասուններուն համար փարախներ ու մեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ շինել, Բայց մենք պատրաստ ենք զէնքերնիս առնել ու Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն երթալ, մինչեւ որ զանոնք իրենց տեղերը տանինք եւ մեր ընտանիքները պարսպապատ քաղաքներու մէջ պիտի բնակին երկրիս բնակիչներուն պատճառով Ու մինչեւ որ Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը իր ժառանգութիւնը չժառանգէ, մենք մեր տուները պիտի չդառնանք, Քանզի մենք Յորդանանի անդիի կողմը անոնց հետ ժառանգութիւն պիտի չառնենք. վասն զի մեր ժառանգութիւնը Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք ինկած է»։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Եթէ այսպէս ընէք ու Տէրոջը առջեւ պատերազմի համար վրանիդ զէնք առնէք Եւ Տէրոջը առջեւ դուք ամէնքդ ալ զէնքերով Յորդանանէն անցնիք, մինչեւ որ անիկա իր թշնամիները իր առջեւէն վռնտէ, Եւ այն երկիրը Տէրոջմէ նուաճուի, անկէ յետոյ երբ ետ դառնաք, Տէրոջը առջեւ ու Իսրայէլի առջեւ անմեղ կ’ըլլաք. այն ատեն այս երկիրը Տէրոջը առջեւ ձեզի կալուածք պիտի ըլլայ։ Բայց եթէ այսպէս չընէք, Տէրոջը դէմ մեղք գործած պիտի ըլլաք ու գիտցէք թէ ձեր մեղքը ձեզ պիտի գտնէ։ Արդ ձեր ընտանիքներուն համար քաղաքներ ու ձեր հօտերուն համար փարախներ շինեցէք, բայց ձեր խոստումը կատարեցէք»։ Եւ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ծառաներդ մեր տիրոջը պատուիրածին պէս պիտի ընենք։ Մեր զաւակները, մեր կիները, մեր հօտերն ու մեր բոլոր անասունները հոս Գաղաադի քաղաքներուն մէջ թող մնան. Բայց ծառաներդ մեր տիրոջը ըսածին պէս՝ ամէնքս ալ գունդ գունդ պիտի պատրաստուինք ու Տէրոջը առջեւէն անցնինք պատերազմի համար»։ Այն ատեն Մովսէս Եղիազար քահանային ու Նաւէին որդիին Յեսուին եւ Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետական իշխաններուն այս պատուէրը տուաւ անոնց վրայով Եւ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Եթէ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները Տէրոջը առջեւ ամէնքն ալ պատերազմի համար պատրաստուած՝ ձեզի հետ Յորդանանէն անցնին ու այն երկիրը ձեր առջեւ նուաճուի, այն ատեն Գաղաադի երկիրը անոնց կալուածք պէտք է տաք. Բայց եթէ պատրաստուած ձեզի հետ չանցնին, անոնց կալուածքն ալ Քանանի երկրին մէջ պիտի ըլլայ»։ Իսկ Գադին որդիները եւ Ռուբէնին որդիները պատասխան տուին ու ըսին. «Տէրը քու ծառաներուդ ի՛նչպէս պատուիրեց՝ այնպէս պիտի ընենք։ Մենք զէնքերնիս առած՝ Տէրոջը առջեւէն Քանանի երկիրը պիտի անցնինք, որպէս զի մեր ժառանգելիք կալուածքը Յորդանանի ասդիի կողմը ըլլայ»։ Ուստի Մովսէս անոնց, այսինքն Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն եւ Յովսէփեան Մանասէին կէս ցեղին, տուաւ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին թագաւորութիւնը ու Բասանի Ովգ թագաւորին թագաւորութիւնը, երկիրը իր քաղաքներովը ու երկրին քաղաքներուն բոլորտիքը եղած սահմաններովը։ Գադին որդիները պարսպապատ քաղաքներ շինեցին՝ այսինքն Դեբոնը, Ատարովթն ու Արոէրը Եւ Ատրօթ-Սովփանը, Յազերն ու Յօգբէհան Եւ Բեթնամրան ու Բեթարանը եւ հօտերու փարախներ ալ շինեցին ։ Ռուբէնին որդիներն ալ Եսեբոնը, Եղէաղէն ու Կարիաթեմը շինեցին Ու Նաբաւը եւ Բէէլմօնը, (որոնց անունները փոխեցին,) ու Սեբաման ու իրենց շինած քաղաքներուն իրենց անունները՝ ՝ դրին։ Եւ Մանասեան Մաքիրին որդիները Գաղաադ գացին ու առին զանիկա եւ անոր մէջ բնակող Ամօրհացիները վռնտեցին։ Մովսէս Գաղաադը տուաւ Մանասեան Մաքիրին, որ հոն բնակեցաւ։ Ու Մանասեան Յայիր գնաց անոնց գիւղաքաղաքները առաւ ու զանոնք Հաւօթ-Յայիր՝ ՝ անուանեց։ Եւ Նոբահ գնաց ու Կանաթը ու անոր գիւղերը առաւ եւ զանիկա իր անունովը Նոբահ կոչեց։ Մովսէսին ու Ահարոնին միջոցով Եգիպտոսի երկրէն իրենց զօրքերովը ելլող Իսրայէլի որդիներուն իջեւանները ասոնք են։ Եւ Մովսէս Տէրոջը հրամանովը անոնց իջեւաններուն համեմատ անոնց գնացքները գրեց ու անոնց գնացքներուն համեմատ անոնց իջեւանները ասոնք են։ Առաջին ամսուան մէջ, այսինքն առաջին ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Ռամսէսէն չուեցին. զատկին հետեւեալ օրը Իսրայէլի որդիները յաղթականօրէն ելան բոլոր Եգիպտացիներուն աչքին առջեւ, Երբ Եգիպտացիները իրենց մեռելները կը թաղէին, քանզի Տէրը անոնց բոլոր անդրանիկները ջարդեց եւ Տէրը անոնց աստուածներուն վրայ դատաստան ըրաւ։ Եւ Իսրայէլի որդիները Ռամսէսէն չուելով՝ Սոկքովթ իջեւան ըրին։ Ու Սոկքովթէն չուելով՝ անապատին ծայրը եղած Ոթոմը իջեւան ըրին։ Եւ Ոթոմէն չուելով դէպի Փիաիրօթ դարձան, որ Բէեղսեփոնին դէմն է ու Մագդողին առջեւ իջեւան ըրին։ Եւ Փիաիրօթի առջեւէն չուելով ու ծովուն մէջէն անցնելով՝ անապատը եկան եւ Ոթոմին անապատին մէջ երեք օրուայ ճամբայ քալելով Մեռա իջեւան ըրին։ Եւ Մեռայէն չուելով՝ Եղիմ եկան ու Եղիմի մէջ տասներկու ջուրի աղբիւր ու եօթանասուն արմաւենի կային ու հոն իջեւան ըրին։ Եւ Եղիմէն չուելով Կարմիր ծովուն քով իջեւան ըրին։ Եւ Կարմիր ծովէն չուելով՝ Սին անապատը իջեւան ըրին։ Եւ Սին անապատէն չուելով Դափկա իջեւան ըրին։ Եւ Դափկայէն չուելով Եղուս իջեւան ըրին։ Ու Եղուսէն չուելով Ռափիդիմ իջեւան ըրին ու հոն ժողովուրդին համար խմելու ջուր չկար։ Եւ Ռափիդիմէն չուելով Սինայի անապատը իջեւան ըրին։ Ու Սինայի անապատէն չուելով Կիբրօթ-Հաթթավա իջեւան ըրին։ Եւ Կիբրօթ-Հաթթավայէն չուելով Ասերովթ իջեւան ըրին։ Ու Ասերովթէն չուելով Ռաթամա իջեւան ըրին։ Եւ Ռաթամայէն չուելով Ռեմօն-Փարէս իջեւան ըրին։ Ու Ռեմօն-Փարէսէն չուելով Լեբնա իջեւան ըրին։ Եւ Լեբնայէն չուելով Ռէսսա իջեւան ըրին։ Ու Ռէսսայէն չուելով Կէէլաթա իջեւան ըրին։ Եւ Կէէլաթայէն չուելով Սօփար լեռը իջեւան ըրին։ Ու Սօփար լեռնէն չուելով Քարադա իջեւան ըրին։ Եւ Քարադայէն չուելով Մակեղօթ իջեւան ըրին։ Եւ Մակեղօթէն չուելով Թաաթ իջեւան ըրին։ Եւ Թաաթէն չուելով Թարա իջեւան ըրին։ Ու Թարայէն չուելով Մատեկա իջեւան ըրին։ Եւ Մատեկայէն չուելով Հասմօնա իջեւան ըրին։ Ու Հասմօնայէն չուելով Մօսերօթ իջեւան ըրին։ Եւ Մօսերօթէն չուելով Բանէ-Յական իջեւան ըրին։ Ու Բանէ-Յականէն չուելով Հօրգադգադ իջեւան ըրին։ Ու Հօրգադգադէն չուելով Ետեբաթա իջեւան ըրին։ Ու Ետեբաթայէն չուելով Եբրօնա իջեւան ըրին։ Ու Եբրօնայէն չուելով Գասիոն-Գաբեր իջեւան ըրին։ Եւ Գասիոն-Գաբերէն չուելով Սին անապատը, այսինքն Կադէս իջեւան ըրին։ Եւ Կադէսէն չուելով Հովր լեռը իջեւան ըրին, որ Եդովմի երկրին ծայրն է։ Ու Ահարոն քահանան Տէրոջը հրամանովը Հովր լեռը ելաւ եւ հոն մեռաւ, Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն քառասուներորդ տարուան հինգերորդ ամսուան առաջին օրը։ Եւ Ահարոն Հովր լերանը վրայ մեռած ատեն հարիւր քսանըերեք տարեկան էր։ Եւ Քանանի երկրին հարաւային կողմը բնակող Արադի Քանանիս թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն գալը լսեց։ Եւ Հովր լեռնէն չուելով Սելմօնա իջեւան ըրին։ Ու Սելմօնայէն չուելով Փունոն իջեւան ըրին։ Ու Փունոնէն չուելով՝ Ոբովթ իջեւան ըրին։ Եւ Ոբովթէն չուելով Մովաբի սահմանին մէջ եղող Իյէ-Աբարիմ իջեւան ըրին։ Եւ Իյէ- Աբարիմէն չուելով Դեբոն-Գադ իջեւան ըրին։ Ու Դեբոն-Գադէն չուելով Գելմոն-Դէբլաթէմ իջեւան ըրին։ Ու Գելմոն-Դեբլաթէմէն չուելով Նաբաւի առջեւ Աբարիմի լեռները իջեւան ըրին։ Եւ Աբարիմի լեռներէն չուելով Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ՝ Մովաբի դաշտերուն մէջ իջեւան ըրին։ Ուստի անոնք Յորդանանի մօտ Մովաբի դաշտերուն մէջ իջեւան ըրին՝ Բեթեսիմօթէն մինչեւ Աբէլսատիմ։ Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն խօսէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Երբ Յորդանանէն Քանանցիներուն երկիրը անցնիք, Այն երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն վռնտեցէք ու անոնց բոլոր պատկերաւոր կոթողները կործանեցէք եւ անոնց բոլոր թափծու կուռքերը կործանեցէք ու անոնց բոլոր բարձր տեղերը փլցուցէք։ Եւ այն երկիրը ձեր իշխանութեանը տակ անցընելով՝ անոր մէջ բնակեցէք, քանզի այն երկիրը ձեզի տուի, որպէս ժառանգ։ Եւ այն երկիրը վիճակով պէտք է ժառանգէք ձեր տոհմերուն համեմատ. շատուոր եղողին շատ ժառանգութիւն պիտի տաք ու քիչուոր եղողին քիչ ժառանգութիւն պիտի տաք. տեղի մը վիճակը, որու որ ելլէ, կալուածքը անոր ըլլայ. ձեր հայրերուն սերունդներուն համեմատ պէտք է ժառանգէք։ Բայց եթէ այն երկրին բնակիչները ձեր առջեւէն չվռնտէք, այն ատեն անոնցմէ ով որ ողջ թողուցած էք, ձեր աչքերուն փուշ ու ձեր կողերուն տատասկ պիտի ըլլան ու ձեր բնակած երկրին մէջ ձեզի թշնամութիւն պիտի ընեն։ Եւ ինչ որ մտածեր էի անոնց ընել, նոյնը պիտի ընեմ ձեզի։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն պատուիրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, երբ դուք Քանանի երկիրը մտնէք (այն երկիրը որ պիտի ժառանգէք, այսինքն Քանանի երկիրը իր սահմաններովը) Ձեր հարաւային կողմը Սին անապատէն մինչեւ Եդովմ պէտք է ըլլայ եւ ձեր հարաւային սահմանագիծը արեւելքէն՝ Աղի ծովուն ծայրէն պէտք է սկսի Ու ձեր հարաւային սահմանը Ակրաբիմի զառիվերը պտըտելով մինչեւ Սին պէտք է հասնի ու անկէ ելնելով Կադէս-Բառնեայի հարաւային կողմը երթայ ու Ասար-Ադդարէն ելնելով Ասեմոն պէտք է հասնի Եւ Ասեմոնէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը պտըտելով՝ ծովուն մէջ լմննայ։ Իսկ ձեր արեւմտեան սահմանը մեծ ծովը պէտք է ըլլայ։ Ասիկա ձեր արեւմտեան սահմանն է։ Ձեր հիւսիսային սահմանը մեծ ծովէն մինչեւ Հովր լեռը պէտք է նշանակէք. Հովր լեռնէն մինչեւ Եմաթ ու անկէ սահմանը մինչեւ Սեդադ պէտք է հասնի։ Այն սահմանը մինչեւ Զեփրոն ելլէ ու Ասար-Ենանի մէջ լմննայ։ Ասիկա է ձեր հիւսիսային սահմանը։ Ձեր արեւելեան սահմանին համար Ասար-Ենանէն մինչեւ Սեփամ պէտք է նշանակէք։ Այս սահմանը Այինի արեւելեան կողմէն՝ Սեփամէն Ռեբղա պէտք է իջնէ ու արեւելքի կողմէն իջնելով՝ մինչեւ Քեներեթի ծովուն եզերքը պէտք է հասնի։ Այս սահմանը Յորդանան պէտք է իջնէ ու Աղի ծովուն մէջ վերջանայ։ Այս է ձեր երկիրը իր շրջակայ սահմաններովը»։ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Ասիկա է այն երկիրը, որ դուք վիճակով պիտի ժառանգէք, ինչպէս Տէրը հրամայեց, որ իննուկէս ցեղի տրուի. Քանզի Ռուբէնին որդիներուն ցեղը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ ու Գադին որդիներուն ցեղը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ եւ Մանասէին կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը առին։ Այս երկուք ու կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը առին Երիքովի դէմ Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի Արեւելք»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Ասոնք են այն մարդոց անունները՝ որոնք երկիրը ժառանգութեան համար պիտի բաժնեն՝ Եղիազար քահանան ու Նաւէին որդին Յեսու Եւ ամէն ցեղէ ալ մէկ իշխան առէ՛ք այն ժառանգութիւնը բաժնելու համար։ Եւ այն մարդոց անունները ասոնք են՝ Յուդայի ցեղէն Յեփոնէին որդին Քաղէբ, Շմաւոնի որդիներուն ցեղէն Ամիուդին որդին Սամուէլ, Բենիամինի ցեղէն Քաղսօնին որդին Ելդադ, Դանի որդիներուն ցեղէն իշխան Եգղիին որդին Բոկկի, Յովսէփի որդիներէն Մանասէի որդիներուն ցեղէն իշխան Եփօտին որդին Անիէլ Ու Եփրեմի որդիներուն ցեղէն իշխան Սափաթանին որդին Կամուէլ Եւ Զաբուղոնի որդիներուն ցեղէն իշխան Փառնակին որդին Եղիսափան Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղէն իշխան Ազանի որդին Փաղտիէլ Ու Ասերի որդիներուն ցեղէն իշխան Սելօմիին որդին Աքիուդ Ու Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղէն իշխան Ամիուդին որդին Փադայէլ։ Ասոնք են այն մարդիկը ՝ որոնց Տէրը հրամայեց, որ Քանանի երկրին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը բաժնեն»։ Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ իրենց ժառանգութեանը կալուածքէն Ղեւտացիներուն բնակելու քաղաքներ տան. նաեւ քաղաքներուն բոլորտիքը եղած արուարձանները տան Ղեւտացիներուն։ Եւ քաղաքները՝ բնակութեան համար, իսկ արուարձանները անոնց արջառներուն հօտերուն ու բոլոր անասուններուն համար։ Ու Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքներուն արուարձանները քաղաքին պարիսպէն դուրս, շուրջանակի հազարական կանգուն ընդարձակութիւն պէտք է ունենան ։ Ուստի քաղաքին դուրսը արեւելեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, հարաւային կողմէն՝ երկու հազար կանգուն, արեւմտեան կողմէն՝ երկու հազար կանգուն ու հիւսիսային կողմէն երկու հազար կանգուն պէտք է չափէք, իսկ քաղաքը մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ Անոնց քաղաքներուն արուարձանները այսպէս ըլլալու են։ Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքներէն վեցը իբր ապաստանի քաղաք որոշեցէք, որպէս զի սպաննողը հոն փախչի։ Ասոնցմէ զատ քառասունըերկու քաղաք ալ տուէք։ Ղեւտացիներուն տրուելիք քաղաքները քառասունըութը հատ ըլլալու են, իրենց արուարձաններով։ Եւ այն քաղաքները, որոնք Իսրայէլի որդիներուն կալուածքէն պիտի տաք, շատուոր եղողէն՝ շատ, քիչուոր եղողէն քիչ պէտք է առնէք։ Ամէն մէկը իր առած ժառանգութեանը չափովը իր քաղաքներէն Ղեւտացիներուն պարտի տալ»։ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն խօսի՛ր ու անոնց ըսէ՛. Երբ Յորդանանէն Քանանի երկիրը անցիք, Ձեզի քաղաքներ որոշեցէք, իբր ապաստանի քաղաքներ, որպէս զի սխալմամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի։ Եւ այն քաղաքները ձեզի ապաստանարան պէտք է ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն, որպէս զի սպանողը առանց դատաստանի ժողովուրդին առջեւ երեւնալով չմեռնի։ Ձեր տալիք քաղաքներէն վեցը ձեզի ապաստանի քաղաք թող ըլլան։ Քաղաքներէն երեքը Յորդանանի ասդիի կողմը ու միւս երեքը Քանանի երկրին մէջ թող ըլլան, որպէս ապաստանի քաղաքներ։ Այս վեց քաղաքները Իսրայէլի որդիներուն ու օտարականին եւ ձեր մէջ բնակող պանդուխտին ապաստանարան պիտի ըլլան։ Ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ՝ հոն պիտի փախչի։ Իսկ եթէ մարդ մը երկաթէ գործիքով մէկը զարնէ մեռցնէ, անիկա իբրեւ մարդասպան անպատճառ պէտք է մեռցուի։ Կամ եթէ մահառիթ բռնաքարով մը մէկուն զարնէ ու մեռցնէ, անիկա իրապէս մարդասպան է եւ անպատճառ պէտք է մեռցուի։ Կամ եթէ ձեռքով գործածուելու փայտեղէն մահառիթ գործիքով մը զարնէ ու մեռցնէ, անիկա ալ որպէս մարդասպան անպատճառ պէտք է մեռցուի։ Արեան վրէժխնդիրը կրնայ մեռցնել մարդասպանը։ Երբ անոր հանդիպի՝ թող մեռցնէ զանիկա։ Եթէ մէկը թշնամութեամբ հրէ ուրիշ մը ու նենգութեամբ վրան բան մը նետելով՝ զանիկա մեռցնէ Կամ թէ թշնամութեան պատճառաւ ձեռքովը զարնէ անոր ու ան մեռնի, զարնողը անպատճառ պէտք է մեռցուի։ Անիկա մարդասպան է։ Արեան վրէժխնդիրը երբ մարդասպանին հանդիպի՝ զանիկա կրնայ մեռցնել։ Բայց եթէ պատահմամբ ու առանց թշնամութեան ուրիշ մը հրէ կամ թէ առանց նենգութեան ուրիշի մը վրայ գործիք մը նետէ Կամ թէ առանց տեսնելու անոր վրայ ոեւէ մահառիթ քար մը ձգէ ու զայն մեռցնէ եւ քանի որ ինք անոր թշնամի չէր ու անոր չարիքը չէր ուզեր, Այն ատեն ժողովը սպաննողին ու արեան վրէժխնդրին մէջտեղ այս օրէնքներուն համեմատ դատաստան թող ընէ։ Ժողովը թող ազատէ սպաննողը արեան վրէժխնդրին ձեռքէն ու զանիկա նորէն իր ապաւինած ապաստան քաղաքը թող դարձնէ։ Անիկա հոն թող բնակի, մինչեւ որ սուրբ իւղով օծուած քահանայապետը մեռնի։ Բայց եթէ սպաննողը իր ապաւինած ապաստան քաղաքին սահմաններէն դուրս ելլէ Ու արեան վրէժխնդիրը զանիկա իր ապաստանի քաղաքին սահմանէն դուրս գտնէ եւ արեան վրէժխնդիրը՝ սպաննողը մեռցնելու ըլլայ, պէտք չէ մահապարտ սեպուի Որովհետեւ սպաննողը իր ապաստան քաղաքը նստելու էր, մինչեւ որ քահանայապետը մեռնէր- բայց քահանայապետին մեռնելէն ետքը միայն իր սեփական երկիրը կրնայ դառնալ։ Ասոնք ձեզի դատաստանի կանոններ ըլլան ձեր սերունդներուն ու ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։ Ով որ մարդ մեռցնէ, սպաննողը վկաներու ցուցմունքով պէտք է մեռցուի. բայց մարդ մը մեռցնելու համար՝ միայն մէկ հոգիի վկայութիւնը բաւական չէ։ Մահապարտէ մը սպաննուողին կեանքին համար փրկանք մի՛ առնէք. քանզի անիկա անպատճառ մեռցուելու է։ Ապաստանի քաղաքը փախչողին համար փրկանք մի՛ առնէք, որպէս զի անիկա իր քաղաքը դառնայ ու նստի քահանայապետին մահէն առաջ։ Ուստի ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, քանզի արիւնը կը պղծէ երկիրը ու անոր թափուած արիւնին համար երկրին ուրիշ բանով մը քաւութիւն չըլլար, բայց միայն սպաննողին արիւնովը։ Ուրեմն ձեր բնակած երկիրը մի՛ պղծէք, որուն մէջ ես պիտի բնակիմ. քանզի ես Տէրս կը բնակիմ Իսրայէլի որդիներուն մէջ»։ Յովսէփին որդիներուն տոհմերէն Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիներուն տոհմին իշխանները մօտեցան ու Մովսէսին առջեւ եւ Իսրայէլի որդիներուն նահապետական իշխաններուն առջեւ խօսեցան Ու ըսին. «Տէրը մեր տիրոջը հրամայեց, որ ժառանգութեան երկիրը վիճակով բաժնէ Իսրայէլի որդիներուն ու Տէրը մեր տիրոջ հրամայեց, որ մեր եղբօրը Սալպաադի ժառանգութիւնը անոր աղջիկներուն տայ։ Արդ՝ եթէ անոնք Իսրայէլի որդիներէն տարբեր ցեղի մը որդիներուն կին ըլլան, անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ժառանգութենէն պիտի զատուի ու ո՛ր ցեղի մարդոց որ կին ըլլան, այն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի ու մեր ժառանգութեան վիճակէն պիտի բաժնուի։ Իսրայէլի որդիներուն Յոբելեան տարին ՝ անոնց ժառանգութիւնը իրենց այրերուն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի ու այս կերպով անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ցեղին ժառանգութենէն պիտի զատուի»։ Մովսէս Տէրոջը հրամանով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Յովսէփին որդիներուն ցեղը շիտակ կը խօսի։ Սալպաադին աղջիկներուն վրայով Տէրոջը հրամայած ու ըսած խօսքը այս է. ‘Որոնց որ կը հաճին անոնք, թող անոնց կին ըլլան, այն պայմանով որ ընտրածը հօրը ցեղէն ըլլայ. Որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը մէկ ցեղէն ուրիշ ցեղի չանցնի. քանզի Իսրայէլի որդիներէն ամէնքն ալ իրենց հայրերուն ցեղին ժառանգութեանը պէտք է տիրանան։ Ամէն աղջիկ՝ որ Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն մէջ կալուածքի մը ժառանգորդ կ’ըլլայ, պէտք է իր հօրը ցեղէն եղող մէկուն կինը ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներէն ամէն մէկը իր հայրերուն ժառանգութիւնը ժառանգէ։ Ժառանգութիւնը մէկ ցեղէ ուրիշ ցեղի չանցնի, բայց Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն ամէն մէկը իր ժառանգութեանը յարի’»։ Տէրը Մովսէսին ինչպէս որ հրամայեց, Սալպաադի աղջիկները այնպէս ըրին։ Քանզի Սալպաադի աղջիկները՝ Մաալա, Թերսա, Էգղա, Մեղքա ու Նուա՝ իրենց հօրեղբօրորդիներուն հետ ամուսնացան։ Այսպէս Յովսէփեան Մանասէին որդիներուն տոհմերէն եղողներու կին եղան ու անոնց ժառանգութիւնը իրենց հօրը ցեղին եւ ազգատոհմին մէջ մնաց։ Ասոնք են այն պաուիրանքներն ու կանոնները, որոնք Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ՝ Մովսէսին միջոցով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց։ Ասոնք են այն խօսքերը, որոնք Մովսէս բոլոր Իսրայէլին խօսեցաւ Յորդանանի ասդիի կողմը անապատին մէջ, որ Սուփի առջեւի դաշտը՝ Փառանի, Տոփէլի, Ղոբանի, Ասերովթի ու Տիզահապի մէջտեղն է։ (Քորեբէն մինչեւ Կադէս-Բառնեայ տասնըմէկ օր է՝ Սէիր լերան ճամբով։) Արդ՝ քառասուներորդ տարին տասնըմէկերորդ ամսուան առաջին օրը ՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց ինչ որ Տէրը իրեն պատուիրեր էր անոնց համար։ Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորը եւ Աստարովթին ու Եդրայիին մէջ բնակող Բասանին Ովգ թագաւորը զարնելէն ետքը, Յորդանանի ասդիի կողմը Մովաբի երկրին մէջ Մովսէս սկսաւ այս օրէնքը յայտնել՝ ըսելով. «Մեր Տէր Աստուածը Քորեբի վրայ մեզի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Այս լեռը կենալնիդ հերիք է։ Ելէ՛ք, չուեցէ՛ք ու գացէ՛ք Ամօրհացիներուն լեռը եւ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը, դաշտերը, լեռներն ու հովիտները եւ հարաւային կողմն ու ծովեզերքը, Քանանացիներուն երկիրը ու Լիբանան, մինչեւ մեծ գետը՝ Եփրատ։ Ահա այն երկիրը ձեր առջեւ դրի։ Գացէ՛ք ու ժառանգեցէ՛ք այն երկիրը, որ Տէրը ձեր հայրերուն՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ որ տայ անոնց ու անոնցմէ ետքը անոնց զաւակներուն’։ Այն ատեն ես ձեզի խօսեցայ ու ըսի. ‘Ես մինակ չեմ կրնար ձեզ տանիլ, Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ շատցուց եւ ահա դուք այսօր երկնքի աստղերուն չափ շատ էք։ Ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզ հազարապատիկ աւելի շատցնէ ու ձեզի ըսածին պէս՝ ձեզ օրհնէ։ Ես մինակ ի՞նչպէս կրնամ ձեր նեղութիւնը, ձեր բեռն ու հակառակութիւնը կրել։ Դուք ձեր ցեղերէն իմաստուն ու հանճարեղ եւ անուանի մարդիկ տուէք ու ես զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեմ’։ Իսկ դուք ինծի պատասխան տուիք ու ըսիք. ‘Այդ ըսած խօսքդ ընելը աղէկ է’։ Ուստի ես ձեր ցեղերուն երեւելիները, իմաստուն ու անուանի մարդիկը առի եւ զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեցի, այսինքն ձեր ցեղերուն մէջ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ, տասնապետներ ու ոստիկաններ։ Եւ ձեր դատաւորներուն պատուիրեցի՝ ըսելով. ‘Ձեր եղբայրներուն խնդիրները լսեցէք ու ամէն մարդու դատը՝ թէ՛ իր եղբօրը հետ եւ թէ՛ օտարականի հետ՝ արդարութեամբ դատեցէք։ Դատաստանի մէջ աչառութիւն մի՛ ընէք, պզտիկին մեծի պէս ըրէք, ոեւէ մարդու երեսէ մի՛ քաշուիք. քանզի դատաստանը Աստուծոյ է ու ձեզի դժուար երեւցած դատը ինծի ներկայացուցէք, որպէս զի զանիկա մտիկ ընեմ’»։ Այն ատեն ձեր բոլոր ընելիքները ձեզի պատուիրեցի։ Ետքը Քորեբէն չուեցինք ու ինչպէս մեր Տէր Աստուածը մեզի պատուիրեր էր, Ամօրհացիներուն լերանը ճամբով՝ այն ձեր տեսած բոլոր մեծ ու ահագին անապատէն անցանք ու մինչեւ Կադէս-Բառնեայ եկանք։ Ձեզի ըսի. ‘Դուք Ամօրհացիներուն լեռը եկաք, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ։ Նայէ՛, քու Տէր Աստուածդ երկիրը քեզի տուաւ. ուրեմն ելի՛ր, ժառանգէ՛ զանիկա, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի ըսաւ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրի՛ր։ Դուք ամէնքդ իմ քովս եկաք ու ինծի ըսիք. ‘Մեզմէ առաջ մարդիկ ղրկենք, որպէս զի երկիրը լրտեսեն ու գան պատմեն թէ ի՞նչ ճամբով պէտք է ելլենք ու ո՞ր քաղաքները պիտի մտնենք’։ Այս խօսքը ինծի հաճելի թուելով, ձեզմէ տասներկու մարդ առի, ամէն մէկ ցեղէն մէկ մարդ։ Անոնք գացին, լեռը ելան ու մինչեւ Եսքողի ձորը հասան։ Այն երկիրը լրտեսեցին։ Այն երկրին պտուղէն ձեռքերնին առնելով մեզի բերին ու մեզի պատմեցին՝ ըսելով. ‘Աղէկ է այն երկիրը, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի կու տայ’։ Բայց դուք չուզեցիք ելլել ու ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին դէմ դրիք։ Ձեր վրաններուն մէջ տրտնջելով ըսիք. «Տէրը մեզ ատելուն համար Եգիպտոսի երկրէն մեզ դուրս հանեց, որպէս զի մեզ Ամօրհացիներուն ձեռքը մատնէ ու մեզ կորսնցնէ։ Ո՞ւր պիտի ելլենք. մեր եղբայրները մեր սրտերը թուլցուցին, որովհետեւ ըսին. ‘Այն ազգը մեզմէ մեծ ու բարձրահասակ է, քաղաքները մեծ ու մինչեւ երկինք պարսպապատ են ու հոն նաեւ Ենակին որդիները տեսանք’։ Բայց ես ձեզի ըսի. ‘Մի՛ զարհուրիք ու անոնցմէ մի՛ վախնաք. Ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեր առջեւէն կ’երթայ, անիկա ձեզի համար պիտի պատերազմի, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ ձեր աչքերուն առջեւ ըրաւ։ Անապատին մէջ ալ տեսաք թէ՝ ինչպէս մարդ մը իր զաւակը կը տանի, ձեր Տէր Աստուածն ալ ձեր բոլոր քալած ճամբաներուն մէջ մինչեւ այստեղ ձեզ այնպէս բերաւ’։ Ասով ալ ձեր Տէր Աստուծոյն չհաւատացիք։ Թէեւ ճամբուն մէջ ձեր առջեւէն կ’երթար ձեզի իջեւանելու տեղ փնտռելու համար, գիշերը կրակի մէջ երթալու ճամբանիդ ձեզի ցուցնելով ու ցորեկն ալ ամպի մէջ։ Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսելով բարկացաւ ու երդում ընելով՝ ըսաւ. ‘Այս մարդոցմէն, այս անօրէն ազգէն, ոեւէ մէկը պիտի չտեսնէ այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն տալու երդում ըրի. Բայց միայն Յեփոնէին որդին Քաղէբը պիտի տեսնէ զայն ու անոր կոխած երկիրը իրեն ու իր որդիներուն պիտի տամ, որովհետեւ անիկա կատարելապէս Տէրոջը հետեւցաւ’։ Ձեզի համար Տէրը ինծի ալ բարկացաւ ու ըսաւ. ‘Դուն ալ հոն պիտի չմտնես Այլ քու սպասաւորդ, Նաւէին որդին Յեսու, անիկա հոն պիտի մտնէ։ Զօրացո՛ւր զանիկա, վասն զի անիկա Իսրայէլը պիտի տանի, որ ժառանգէ այդ երկիրը։ Այն ձեր պզտիկ տղաքը, որոնց համար կ’ըսէիք թէ աւար պիտի ըլլան ու այն ձեր որդիները, որոնք այսօր աղէկն ու գէշը չեն ճանչնար, անոնք պիտի մտնեն հոն. անոնց պիտի տամ այն երկիրը ու անոնք պիտի ժառանգեն զայն։ Բայց դուք ետ դարձէք ու Կարմիր ծովուն ճամբայէն դէպի անապատը չուեցէք’։ Ետքը դուք պատասխան տուիք ու ինծի ըսիէ. ‘Մենք Տէրոջը առջեւ մեղք գործեցինք. մենք պիտի ելլենք ու պատերազմինք, ինչպէս մեր Տէր Աստուածը մեզի պատուիրեց’։ Ամէն մէկդ իր պատերազմական զէնքը առնելով, թեթեւամտութեամբ ուզեցիք՝ ՝ լեռը ելլել։ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Անոնց ըսէ՛, Մի՛ ելլէք ու մի՛ պատերազմիք, քանզի ես ձեր մէջ չեմ. չըլլայ որ ձեր թշնամիներուն առջեւ ջարդուիք’։ Ես ալ ձեզի խօսեցայ, բայց դուք մտիկ չըրիք, հապա Տէրոջը հրամանին դէմ դրիք եւ յամառութիւն ընելով լեռը ելաք։ Ու այն լերանը վրայ բնակող Ամօրհացիները մեղուներու պէս ձեր դէմը ելլելով ձեզ հալածեցին ու Սէիրի մէջ ձեզ զարկին մինչեւ Հօրմա։ Այն ատեն դառնալով Տէրոջը առջեւ լացիք, սակայն Տէրը ձեր ձայնը չլսեց ու ձեզի ականջ չդրաւ։ Կադէսի մէջ կեցաք, որչափ օրեր որ հոն էիք»։ «Այն ատեն ետ դարձանք ու Կարմիր ծովուն ճամբայէն դէպի անապատը չուեցինք, ինչպէս Տէրը ինծի ըսեր էր ու շատ օրեր Սէիր լերանը բոլորտիքը պտըտեցանք։ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Ալ հերիք է այդ լերանը բոլորտիքը պտըտիք. հիւսիսային կողմը դարձէք։ Ժողովուրդին պատուիրէ՛ ու ըսէ՛. Դուք հիմա Սէիր բնակող ձեր եղբայրներուն՝ Եսաւի որդիներուն՝ սահմանէն պիտի անցնիք։ Անոնք ձեզմէ պիտի վախնան, բայց դուք մեծապէս զգուշացէք. Անոնց հետ մի՛ կռուիք. քանզի ես ձեզի անոնց երկրէն մէկ ոտնաքայլ տեղ ալ պիտի չտամ, որովհետեւ Սէիր լեռը Եսաւին ժառանգութիւն տուեր եմ։ Կերակուրը ստակով ծախու առէք անոնցմէ եւ կերէք եւ ջուրն ալ ստակով ծախու առէք անոնցմէ ու խմեցէք. Քանզի քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքիդ բոլոր գործերուն մէջ օրհնեց քեզ. անիկա գիտէ թէ դուն այս մեծ անապատին մէջ կը պտըտիս. քու Տէր Աստուածդ այս քառասուն տարին քեզի հետ էր ու բանի մը պակասութիւն չքաշեցիր’։ Ուստի մենք մեր եղբայրներուն, Եսաւի որդիներուն քովէն, որոնք Սէիր կը բնակէին, Ելաթէն ու Գասիոն-Գաբերէն անցանք ու անկէ դառնալով Մովաբի անապատին ճամբայէն անցանք։ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Մովաբացիներուն թշնամութիւն մի՛ ըներ ու անոնց հետ պատերազմ մի՛ ըներ. քանզի անոնց երկրէն քեզի ժառանգութիւն պիտի չտամ, որովհետեւ Արը Ղովտի որդիներուն ժառանգութիւն տուի’։ (Այն տեղը առաջ Էմիմները կը բնակէին, որոնք մեծ ու շատուոր ու Ենակիմներուն պէս երկայնահասակ ազգ մըն էին. Անոնք ալ Ենակիմներուն պէս հսկաներ կը սեպուէին ու Մովաբացիները զանոնք Էմիմ կը կոչէին։ Սէիրի մէջ առաջ Քոռեցիները կը բնակէին, բայց Եսաւի որդիները զանոնք վռնտելով ու իրենց առջեւէն զանոնք ջարդելով՝ անոնց տեղը բնակեցան, ինչպէս Իսրայէլացիները ըրին իրենց ժառանգութեանը երկրին, որ Տէրը անոնց տուաւ։) ‘Հիմա ելէ՛ք Զարեդ ձորէն անցէք’ Ու մենք Զարեդ ձորէն անցանք։ Մեր պտըտած օրերը, Կադէս-Բառնեայէն ելլելէն մինչեւ Զարեդ ձորէն անցնիլը, երեսունըութը տարի եղաւ. մինչեւ որ բանակին մէջէն պատերազմող մարդոց ամբողջ սերունդը հատաւ, ինչպէս Տէրը անոնց երդում ըրեր էր։ Եւ զանոնք բանակին մէջէն բնաջինջ ընելու համար՝ Տէրոջը ձեռքն ալ անոնց վրայ էր, մինչեւ որ անոնք հատան։ Երբ բոլոր պատերազմող մարդիկը ժողովուրդին մէջէն հատան, Տէրը ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Դուն այսօր Մովաբի սահմանը եղած Արէն անցիր Ու Ամմոնի որդիներուն սահմանին մօտեցիր։ Անոնց թշնամութիւն մի՛ ըներ եւ անոնց հետ մի՛ կռուիր. քանզի Ամմոնի որդիներուն երկրէն քեզի ժառանգութիւն պիտի չտամ, որովհետեւ զանիկա Ղովտին որդիներուն ժառանգութիւն տուի։ (Այն ալ հսկաներու երկիր կը սեպուէր։ Առաջ այն տեղը հսկաներ կը բնակէին ու Ամմոնացիները զանոնք Զամզումիմ կը կոչէին. Որոնք Ենակիմներուն պէս մեծ ու շատուոր եւ երկայնահասակ ազգ մըն էին, բայց Տէրը զանոնք բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն, որոնք վռնտեցին զանոնք եւ անոնց տեղը բնակեցան. Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւին որդիներուն համար ալ ըրաւ, երբ Քոռեցիները բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն եւ զանոնք վռնտեցին ու անոնց տեղը բնակեցան մինչեւ այսօր։ Աւացիները, որոնք մինչեւ Գազա գիւղաքաղաքներու մէջ կը բնակէին, զանոնք ալ Կափթորէն ելլող Կափթորացիները ջարդեցին ու անոնց տեղը բնակեցան։) ‘Ելէ՛ք, չուեցէ՛ք ու Առնոն ձորէն անցէ՛ք։ Ահա Եսեբոնի թագաւորը, Ամօրհացի Սեհոնը ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի. սկսէ՛ զանիկա ժառանգել ու անոր հետ պատերազմէ՛։ Այսօր քու անունիդ վախն ու սոսկումը բոլոր երկնքի տակ եղող ազգերուն վրայ պիտի դնեմ, այնպէս որ քու համբաւդ լսողները քու երեսէդ պիտի դողան ու տագնապին’։ Այն ատեն Կադեմօթի անապատէն Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին խաղաղութեան խօսքերով դեսպաններ ղրկեցի՝ ըսելով. ‘Անցնիմ քու երկրէդ. մեծ ճամբայէն պիտի երթամ ու աջ կամ ձախ կողմը պիտի չխոտորիմ։ Կերակուրը ինծի ստակով ծախէ, որ ուտեմ ու ջուրն ալ ստակով տուր, որ խմեմ. միայն թէ քալելով անցնիմ, Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւին որդիներն ու Ար բնակող Մովաբացիները ինծի ըրին, մինչեւ որ ես Յորդանանէն անցնիմ դէպի այն երկիրը, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ’։ Բայց Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը չուզեց, որ մենք անկէ անցնինք. վասն զի քու Տէր Աստուածդ անոր հոգին խստացուցեր էր ու սիրտը կարծրացուցեր էր, որպէս զի զանիկա քու ձեռքդ տայ, ինչպէս այսօր կը տեսնես ։ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ահա Սեհոնն ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի, անոր տիրէ՛, որպէս զի անոր երկիրը ժառանգես’։ Ուստի Սեհոն ինք իր բոլոր ժողովուրդովը Յասսայի մէջ մեր դէմ ելաւ, որպէս զի մեզի հետ պատերազմի։ Մեր Տէր Աստուածը զանիկա մեր ձեռքը մատնեց ու մենք զանիկա եւ անոր որդիներն ու անոր բոլոր ժողովուրդը զարկինք։ Նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք ու անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ եղած այր մարդիկը, կիներն ու տղաքները կորսնցուցինք։ Անոնցմէ մէ՛կ հոգի ողջ չթողուցինք։ Միայն անասուններն ու առնուած քաղաքներուն աւարները մեզի առինք։ Առնոն ձորին եզերքը եղած Արոէրէն ու ձորին մէջ եղած քաղաքէն մինչեւ Գաղաադ բնաւ մեզի դէմ դնող քաղաք մը չեղաւ։ Մեր Տէր Աստուածը ամէնքն ալ մեր ձեռքը մատնեց։ Միայն Ամմոնի որդիներուն երկրին ու բոլոր Յաբոկ ձորին կողմերուն եւ լեռնային քաղաքներուն ու մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր մեզի արգիլած տեղերուն չմօտեցար»։ «Անկէ դարձանք Բասանի ճամբան ելանք։ Բասանի Ովգ թագաւորը ինք՝ իր բոլոր ժողովուրդովը՝ Եդրայիի մէջ մեր դէմն ելաւ պատերազմելու համար։ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ վախնար, վասն զի զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդն ու երկիրը քու ձեռքդ պիտի տամ ու անոր ալ՝ Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ըրածիդ պէս ըրէ’։ Մեր Տէր Աստուածը Բասանի Ովգ թագաւորն ալ ու անոր բոլոր ժողովուրդը մեր ձեռքը տուաւ եւ մենք այնպէս ջարդեցինք զանոնք, որ անոնցմէ մէ՛կն ալ ողջ չմնաց՝ ՝։ Նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք։ Քաղաք մըն ալ չմնաց, որ չառնենք։ Վաթսուն քաղաք, այսինքն բոլոր Արգովբի գաւառը, Բասանի մէջ Ովգի թագաւորութիւնը։ Ասոնց ամէնքն ալ բարձր պարիսպներով, դռներով ու դռնափակներով ամրացած քաղաքներ էին, անպարիսպ քաղաքներէն զատ, որոնք խիստ շատ էին։ Զանոնք բնաջինջ ըրինք, ինչպէս Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը ըրինք, բոլոր քաղաքներու մարդիկը, կիներն ու տղաքները կորսնցուցինք. Սակայն բոլոր անասուններն ու քաղաքներուն աւարները մեզի առինք։ Նոյն ժամանակ՝ Յորդանանի անդիի կողմը եղող Ամօրհացիներուն երկու թագաւորներուն ձեռքէն առինք երկիրը՝ Առնոն ձորէն մինչեւ Հերմոն լեռը։ Սիդոնացիները Հերմոնին Սարիօն կ’ըսէին, բայց Ամօրհացիները զանիկա Սանիր կը կոչէին Բոլոր դաշտի քաղաքները, բոլոր Գաղաադն ու բոլոր Բասանը մինչեւ Սելքա ու Եդրայի, Բասանի մէջ եղած Ովգին թագաւորութեան քաղաքները առինք ։ Քանզի հսկաներէն միայն Բասանի Ովգ թագաւորը մնացեր էր։ Անոր երկաթէ մահիճը Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային մէջ կեցած է ։ Երկայնութիւնը ինը կանգուն էր ու լայնութիւնը չորս կանգուն էր՝ սովորական կանգունով։ Երբ առինք երկիրը, Առնոն ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչեւ Գաղաադ լերանը կէսը՝ իր քաղաքներովը Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն տուի։ Գաղաադի մնացած մասը ու բոլոր Բասանը՝ այսինքն Ովգին թագաւորութիւնն ու բոլոր Արգովբի գաւառը, բոլոր Բասանին հետ, որ հսկաներու երկիր կը կոչուէր՝ Մանասէին ցեղին տուի։ Մանասեան Յայիրը բոլոր Արգովբի գաւառը առաւ մինչեւ Գեսուրացիներու ու Մաքաթացիներու սահմանը ու զանոնք իր անունովը մինչեւ այսօր Բասան-Հաւօթյայիր՝ ՝ կոչեց։ Այսպէս Գաղաադը Մաքիրին տուի։ Գաղաադէն մինչեւ Առնոն ձորը, (այսինքն ձորին մէջտեղը, որ սահմանն է,) ու մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղած Յաբոկ ձորը, Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն տուի, Նաեւ դաշտը՝ Յորդանանի սահմանովը Քեներեթէն մինչեւ դաշտային ծովը, այսինքն մինչեւ Աղի ծովը, արեւելեան կողմը եղած Ասեդովթ-Փասգայի տակ։ Այն ատեն ձեզի պատուիրեցի ու ըսի. ‘Ձեր Տէր Աստուածը այս երկիրը ձեզի իբր ժառանգութիւն տուաւ. ուստի դուք ամէնքդ, որ կտրիճներ էք, զէնքերնիդ առէք ու Իսրայէլի որդիներուն՝ ձեր եղբայրներուն՝ առջեւ անցէք. Բայց ձեր կիները, ձեր որդիներն ու ձեր անասունները, ( որովհետեւ ձեր անասուններուն շատ ըլլալը գիտեմ,) թող մնան ձեր քաղաքներուն մէջ, որոնք ես ձեզի տուի, Մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ ու մինչեւ որ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը Յորդանանի անդիի կողմը անոնց պիտի տայ ու ետքը ձեզմէ ամէն մէկը դառնայ իր ժառանգութեանը, որ ես ձեզի տուի’։ Այն ատեն Յեսուին պատուիրեցի՝ ըսելով. ‘Քու աչքերդ տեսան ինչ որ ձեր Տէր Աստուածը այս երկու թագաւորներուն ըրաւ. այնպէս ալ պիտի ընէ Տէրը այն ամէն թագաւորներուն, որոնց վրայ դուն պիտի երթաս՝ ՝։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք. վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ինք կը պատերազմի ձեզի համար’։ Այն ատեն Տէրոջը աղաչեցի ու ըսի. ‘Ո՛վ Տէր Եհովա, դուն սկսար քու ծառայիդ ցուցնել քու մեծութիւնդ ու քու զօրաւոր ձեռքդ, վասն զի երկնքի մէջ կամ երկրի վրայ ո՞վ է այն աստուածը, որ քու գործերուդ ու քու զօրութեանդ պէս գործ մը ընելու կարող ըլլայ։ Շնորհք ըրէ՛, որ անցնիմ ու Յորդանանի անդիի կողմի բարի երկիրը, այն բարի լեռը ու Լիբանանը, տեսնեմ’։ Բայց Տէրը ձեր պատճառով ինծի սրդողելով՝ իմ խնդիրքս չընդունեց եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ա՛լ հերիք է քեզի. անգամ մըն ալ այդ բանը ինծի չըսես. Փասգայի գագաթը ելի՛ր ու դէպի արեւմուտք, հիւսիս, հարաւ ու արեւելք աչքերդ վերցո՛ւր ու քու աչքերովդ դիտէ. քանզի դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս’։ Ու Յեսուին պատուէր տալով զանիկա զօրացուր ու անոր սիրտ տուր. քանզի անիկա պիտի առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի այն երկիրը, որ դուն դիտեցիր։ Ուստի մենք հովիտին մէջ Բեթփեգովրի դիմաց նստեցանք»։ Եւ Մովսէս ըսաւ Իսրայէլին. «Հնազանդէ՛ այն օրէնքներուն, որոնք սորվեցուցի, որպէս զի ապրիս եւ ժառանգես այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։ Պատուէրներուս վրայ բան մը մի՛ աւելցնէք ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցնէք, այլ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները պահեցէք, որոնք ես ձեզի իմացուցի։ Ձեր աչքերը տեսան ինչ որ Տէրը Բելփեգովրին ըրաւ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Բելփեգովրին ետեւէն գացող բոլոր մարդիկը ձեր մէջէն կորսնցուց։ Բայց դուք, որ ձեր Տէր Աստուծոյն յարեցաք, ամէնքդ այսօր ողջ էք։ Ահա ձեզի կանոններ ու դատաստաններ սորվեցուցի, ինչպէս իմ Տէր Աստուածս ինծի պատուիրեց, որպէս զի անոնք գործադրէք այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար։ Ուստի դուք անոնք պահեցէք ու ըրէք. վասն զի ձեր իմաստութիւնն ու հանճարը այս պիտի ըլլայ ազգերուն առջեւ, որոնք այս բոլոր կանոնները լսելով պիտի ըսեն. ‘Իրաւցընէ այս մեծ ազգը իմաստուն ու հանճարեղ ժողովուրդ մըն է’։ Քանզի ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որուն աստուածները իրեն այնքան մօտ ըլլան, որքան մեր Եհովա Աստուածը մեզի մօտ է՝ ամէն ատեն երբ իրմէ կը խնդրենք։ Ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որ այսօր ձեր առջեւ դրուած այս բոլոր օրէնքին նման արդար կանոններ ու դատաստաններ ունենայ։ Միայն քեզի աղէկ նայէ ու քու հոգիիդ շատ զգուշութիւն ըրէ, որ աչքերուդ տեսած բաները չմոռնաս եւ կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ քու սրտէդ չելլեն. այլ անոնք քու որդիներուդ ու անոնց որդիներուն սորվեցնես։ Այն օրը երբ դուն Քորեբի մէջ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կեցեր էիր, Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ժողովուրդը ինծի հաւաքէ ու իմ խօսքերս լսել պիտի տամ անոնց, որպէս զի սորվին ինծմէ վախնալ որչափ ատեն որ երկրի վրայ ապրին ու իրենց որդիներուն ալ սորվեցնեն’։ Դուք մօտենալով՝ լերանը տակ կանգնեցաք։ Լեռը խաւարով, ամպով ու մառախուղով ծածկուած, մինչեւ երկինք՝ ՝ կրակով կը բորբոքէր։ Եւ Տէրը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ. դուք անոր խօսքերուն ձայնը լսեցիք, բայց կերպարանքը չտեսաք, միայն ձայնը լսեցիք ։ Իր ուխտը, տասը պատուիրանքները ձեզի իմացուց ու պատուիրեց, որ զանոնք ընէք եւ զանոնք երկու քարէ տախտակներու վրայ գրեց։ Այն ատեն Տէրը ինծի պատուիրեց, որ ձեզի կանոններ ու դատաստաններ սորվեցնեմ, որպէս զի զանոնք գործադրէք այն երկրի մէջ, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար։ Ուրեմն ձեր հոգիներուն աղէկ զգուշութիւն ըրէք. որովհետեւ այն օրը, որ Տէրը Քորեբ լեռը կրակին մէջէն ձեզի խօսեցաւ, ոեւէ կերպարանք չտեսաք։ Անօրէնութիւն մի՛ ընէք. ձեզի կուռք մը կամ ոեւէ բանի պատկեր՝ թէ՛ արուի եւ թէ՛ էգի նմանութեամբ, Կամ երկրի վրայ եղող անասունի մը նմանութեամբ, կամ օդին մէջ թռչող թեւաւոր թռչունի մը նմանութեամբ, Կամ երկրի վրայ սողացող սողունի մը նմանութեամբ, կամ երկրի տակ ջուրերու մէջ եղող ձուկի մը նմանութեամբ մի՛ շինէք. Նաեւ աչքերդ երկինք վերցնելով ու արեւը կամ լուսինը կամ աստղերն ու երկնքի բոլոր զարդը տեսնելով մի՛ խաբուիր ու անոնց երկրպագութիւն մի՛ ըներ եւ զանոնք մի՛ պաշտեր. որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ զանոնք բոլոր երկնքի տակ եղող ազգերուն համար կարգաւորեց։ Բայց Տէրը ձեզ առաւ ու ձեզ երկաթի հնոցէն՝ Եգիպտոսէն՝ հանեց, որպէս զի իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաք, ինչպէս այսօր եղած էք ։ Տէրը ձեր պատճառով ինծի սրդողելով երդում ըրաւ, որ Յորդանանէն չանցնիմ ու չմտնեմ այն ընտիր երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ ժառանգելու համար։ Այս երկրին մէջ պիտի մեռնիմ ու Յորդանանէն պիտի անցնիմ. բայց դուք պիտի անցնիք ու այն ընտիր երկիրը պիտի ժառանգէք։ Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ ձեր Տէր Աստուծոյն ձեզի հետ ըրած ուխտը մոռնաք ու ձեզի կուռք մը կամ ոեւէ բանի մը նմանութիւնը շինէք, որը քու Տէր Աստուածդ քեզի արգիլեց։ Քանզի քու Տէր Աստուածդ մաշող կրակ է. անիկա նախանձոտ Աստուած է։ Երբ դուք որդիներ ու որդիներու որդիներ ծնանելու ըլլաք եւ այն երկրին մէջ շատ ատեն նստելու ըլլաք, այն ատեն եթէ անօրէնութիւն ընէք եւ կուռք մը կամ ոեւէ բանի մը նմանութիւնը շինէք ու ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ընէք ու զանիկա բարկացնէք՝ Այսօր երկինքն ու երկիրը ձեզի վրայ կը բռնեմ՝ որ դուք անպատճառ ամբողջովին պիտի կորսուիք այն երկրէն, որ Յորդանանէն անցնելով պիտի ժառանգէք։ Այնտեղ կեանքերնիդ երկար պիտի չըլլայ, այլ բոլորովին բնաջինջ պիտի ըլլաք։ Տէրը ձեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուէ, նաեւ սակաւաթիւ պիտի մնաք այն ազգերուն մէջ, ուր Տէրը ձեզ պիտի քշէ։ Հոն մարդու ձեռքով շինուած քարէ ու փայտէ աստուածներ պիտի պաշտէք, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ կ’ուտեն եւ ո՛չ կը հոտուըտան։ Բայց եթէ հոն քու Տէր Աստուածդ փնտռես ու զանիկա բոլոր սրտովդ եւ բոլոր հոգիովդ փնտռելու ըլլաս՝ պիտի գտնես։ Երբ քու վրադ նեղութիւն գայ ու այս բոլոր բաները վերջին օրերը քեզի պատահին, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս ու անոր խօսքը մտիկ ընես, Քու Տէր Աստուածդ, ողորմած Աստուած ըլլալուն, քեզ պիտի չթողու ու քեզ պիտի չկորսնցնէ ու քու հայրերուդ ըրած ուխտը պիտի չմոռնայ, որուն համար երդում ըրած էր։ Արդ՝ քեզմէ առաջ եղած օրերէն ի վեր, այսինքն Աստուծոյ մարդը երկրի վրայ ստեղծած օրէն ի վեր, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը հարցուր, թէ արդեօք ասոր պէս մեծ բան մը եղա՞ծ է ու ասոր պէս բան մը լսուա՞ծ է։ Արդեօք ազգ մը կրակին մէջէն խօսող Աստուծոյ ձայնը քու լսածիդ պէս լսեր ու ողջ մնացե՞ր է։ Կամ թէ Աստուած մէկ ազգը միւս ազգերուն մէջէն իրեն առա՞ծ է՝ փորձերով, հրաշքներով, զարմանալի գործերով, պատերազմով, զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով եւ մեծ արհաւիրքներով, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Եգիպտոսի մէջ ձեզի համար այս բոլոր բաները ըրաւ ձեր աչքերուն առջեւ։ Ասիկա քեզի ցուցուեցաւ, որպէս զի գիտնաս թէ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է. անկէ ուրիշ Աստուած չկայ։ Քեզ խրատելու համար իր ձայնը երկնքէն լսել տուաւ քեզի ու երկրի վրայ իր մեծ կրակը քեզի ցուցուց ու անոր խօսքերը կրակին մէջէն լսեցիր։ Քու հայրերդ սիրելուն համար անոնցմէ ետքը անոնց սերունդը ընտրեց ու իր ներկայութեամբ մեծ զօրութիւնով քեզ Եգիպտոսէն հանեց. Որպէս զի՝ քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգեր՝ քու առջեւէդ վռնտէ ու քեզ տանի անոնց երկիրը, որ քեզի իբր ժառանգ պիտի տայ եւ որ այդպէս այսօր ժառանգած ես ։ Այսօր գիտցիր ու սրտիդ մէջ դիր, թէ վերը երկնքի մէջ ու վարը երկրի վրայ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է, ուրիշ մը չկայ։ Ուստի անոր կանոններն ու պատուիրանքները պահէ, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ ու նաեւ քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ մշտնջենապէս»։ Այն ատեն Մովսէս Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւելք երեք քաղաք զատեց. Որպէս զի երէկուընէ ու նախորդ օրուընէ ատելութիւն չունեցող ու անգիտութեամբ իր դրացին մեռցնող մարդասպանը հոն փախչի ու այդ քաղաքներէն մէկուն մէջ փախչելով՝ ողջ մնայ։ Ռուբէնեաններուն համար դաշտային երկրին եւ անապատին մէջ Բոսորը եւ Գադեաններուն համար Գաղաադի մէջ Ռամովթը ու Մանասեաններուն համար Բասանի մէջ Գովղանը զատեց ։ Ասիկա է այն օրէնքը որ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց։ Ասոնք են այն վկայութիւնները, կանոնները եւ դատաստանները, որոնք Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն իմացուց, անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը, Յորդանանի ասդիի կողմը Բեթփեգովրի դէմ գտնուող հովիտին մէջ, Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորին երկրին մէջ, որ Մովսէս ու Իսրայէլի որդիները զարկին իրենց Եգիպտոսէն ելած ատենը Եւ անոր երկիրն ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը, այսինքն Յորդանանի ասդին արեւելեան կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն երկիրները, Առնոն ձորին եզերքը եղող Արոէրէն մինչեւ Սիօն լեռը՝ որ Հերմոն կը կոչուի Ու Յորդանանի ասդին արեւելեան կողմը եղած բոլոր դաշտը մինչեւ Ասեդովդ-Փասքայի ներքեւի դաշտը՝ ծովուն քովը ժառանգեցին։ Մովսէս բոլոր Իսրայէլի կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, այս կանոններն ու դատաստանները, որոնք ես այսօր ձեր ականջներուն պիտի խօսիմ, սորվեցէ՛ք զանոնք եւ զգուշութեամբ գործադրեցէք։ Մեր Տէր Աստուածը Քորեբի վրայ մեզի հետ ուխտ ըրաւ։ Տէրը այս ուխտը մեր հայրերուն հետ չըրաւ, հապա մեզի հետ, որ մենք ամէնքս այսօր հոս ողջ ենք։ Տէրը լերանը վրայ կրակի մէջէն մեզի հետ դէմ առ դէմ խօսեցաւ. (Ու ես այն ատեն Տէրոջը ու ձեր մէջտեղ կայնեցայ, որպէս զի Տէրոջը խօսքերը ձեզի պատմեմ. վասն զի դուք կրակէն վախնալով լեռը չելաք.) եւ ըսաւ. «Ես եմ Եհովան՝ քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեցի։ «Ինծմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս։ «Դուն քեզի կուռք չշինես, ո՛չ վերը երկնքի մէջ, կամ վարը՝ երկրի վրայ, կամ երկրի տակի ջուրերուն մէջ եղած բաներուն մէկ նմանութեամբը. Անոնց երկրպագութիւն չընես ու զանոնք չպաշտես. վասն զի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ նախանձոտ Աստուած եմ, որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն, մինչեւ անոնց երրորդ ու չորրորդ ազգը, որոնք կ’ատեն զիս. Եւ կ’ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը, որոնք կը սիրեն զիս ու իմ պատուիրանքներս կը պահեն։ «Տէրոջը՝ քու Աստուծոյդ՝ անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ։ «Հանգստութեան օրը զգուշութիւն ըրէ որ սուրբ պահես, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց։ Վեց օր պիտի աշխատիս ու բոլոր գործերդ ընես. Բայց եօթներորդ օրը Տէրոջը քու Աստուծոյդ հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու որդիդ, ո՛չ քու աղջիկդ, ո՛չ քու ծառադ ու աղախինդ, ո՛չ քու եզդ ու էշդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ քու տանդ մէջ եղած օտարականը, որպէս զի քու ծառադ ու աղախինդ ալ քեզի պէս հանգստանան։ Միտքդ բեր թէ դուն Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով քեզ անկէ հանեց. անոր համար քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց որ հանգստութեան օրը պահես։ «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան ու քեզի աղէկ ըլլայ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ։ «Սպաննութիւն մի՛ ըներ։ «Շնութիւն մի՛ ըներ։ «Գողութիւն մի՛ ըներ։ «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ։ «Քու դրացիիդ կնոջ մի՛ ցանկար. քու դրացիիդ տանը կամ անոր արտին կամ անոր ծառային կամ անոր աղախինին կամ անոր եզին կամ անոր իշուն կամ քու դրացիիդ ոեւէ մէկ բանին մի՛ ցանկար»։ Տէրը այս խօսքերը լերանը վրայ կրակին, ամպին ու մառախուղին մէջէն բարձր ձայնով ձեր բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ եւ ուրիշ բան չաւելցուց։ Երկու քարէ տախտակի վրայ գրեց զանոնք ու ինծի տուաւ։ Իսկ լերանը կրակով բռնկած ատենը, երբ խաւարին մէջէն անոր ձայնը լսեցիք, իմ քովս եկաք դուք, այսինքն ձեր ցեղերուն բոլոր գլխաւորները եւ ձեր ծերերը ու ըսիք. ‘Ահա մեր Տէր Աստուածը իր փառքն ու մեծութիւնը մեզի ցուցուց ու անոր ձայնը կրակին մէջէն լսեցինք։ Այսօր թէեւ Աստուած մարդու հետ խօսեցաւ, բայց մարդը ողջ մնաց։ Եւ հիմա մենք ինչո՞ւ մեռնինք. (քանզի այս մեծ կրակը մեզ պիտի սպառէ.) եթէ մենք մեր Տէր Աստուծոյն ձայնը անգամ մըն ալ լսելու ըլլանք, պիտի մեռնինք։ Վասն զի բոլոր մարմին ունեցողներէն ո՞վ կրակի մէջէն խօսող կենդանի Աստուծոյն ձայնը մեզի պէս լսեց ու ողջ մնաց։ Դուն մօտեցի՛ր եւ մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր խօսքերը լսէ ու մեր Տէր Աստուածը քեզի հետ ինչ որ խօսի՝ դուն մեզի ըսէ՛ եւ մենք մտիկ ընենք ու կատարենք’։ Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսեց, երբ դուք ինծի կը խօսէիք ու ինծի ըսաւ. ‘Այս ժողովուրդին քեզի ըսած խօսքերը լսեցի. անոնց ամէն ըսածը շիտակ է։ Երանի՜ թէ անոնց սիրտն ալ այնպէս ըլլար, որ ինծմէ վախնալով միշտ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահէին, որպէս զի իրենց աղէկ ըլլար ու իրենց որդիներուն ալ յաւիտեան։ Գնա՛ անոնց ըսէ. «Դուք ձեր վրանները դարձէք»։ Բայց դուն հոս ինծի հետ կեցիր ու բոլոր անոնց սորվեցնելու պատուիրանքներդ, կանոններդ ու դատաստաններդ քեզի ըսեմ, որպէս զի զանոնք կատարեն այն երկրին մէջ, որ ես անոնց պիտի տամ ժառանգութեան համար’։ Արդ՝ զգոյշ եղէ՛ք, ձեր Տէր Աստուծոյն պատուէրը կատարեցէք, աջ կողմը կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիք։ Ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրած բոլոր ճամբաներուն մէջ քալեցէք, որպէս զի ապրիք ու ձեզի աղէկ ըլլայ եւ ձեր ժառանգելու երկրին մէջ երկարակեաց ըլլաք։ «Ասոնք են այն պատուիրանքները, կանոններն ու դատաստանները, որոնք ձեր Տէր Աստուածը ինծի պատուիրեց ձեզի սորվեցնելու համար, որպէս զի ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկրին մէջ գործադրէք զանոնք. Որպէս զի քու Տէր Աստուծմէդ վախնաս ու անոր բոլոր կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք ես ձեզի կը պատուիրեմ, քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ պահես, թէ՛ դուն, թէ՛ քու որդիդ եւ թէ՛ քու որդիիդ որդին, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան։ Արդ՝ ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ ու զգուշութեամբ զանոնք կատարէ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ եւ կաթ ու մեղր բղխող երկրին մէջ խիստ շատնաս, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի խոստացաւ։ Ով Իսրայէլ, մտի՛կ ըրէ. մեր Տէր Աստուածը մի միայն՝ ՝ Տէր է։ Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ Եւ այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան Ու զանոնք քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր։ Զանոնք նշանի համար ձեռքիդ վրայ կապէ ու ճակատնոցի համար աչքերուդ մէջտեղը թող ըլլան։ Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ եւ դռներուդ վրայ գրէ։ Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ, որ քեզի մեծ ու գեղեցիկ քաղաքներ տայ, որոնք դուն շինած չես Եւ ամէն տեսակ բարիքներով լեցուած տուներ՝ որոնք դուն լեցուցած չես ու փորուած ջրհորներ՝ որոնք դուն փորած չես, այգիներ ու ձիթենիներ՝ որոնք դուն տնկած չես ու երբ ուտես ու կշտանաս, Զգո՛յշ կեցիր, որ չըլլայ թէ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանող Տէրը մոռնաս։ Քու Տէր Աստուծմէդ վախցիր ու զանիկա պաշտէ եւ անոր անունովը երդում ըրէ։ Օտար աստուածներու, ձեր բոլորտիքը եղող ժողովուրդներուն աստուածներուն ետեւէն մի՛ երթաք. (Վասն զի քու Տէր Աստուածդ, որ ձեր մէջն է, նախանձոտ է.) չըլլայ որ քու Տէր Աստուծոյդ բարկութիւնը քու վրադ բորբոքի ու քեզ երկրի երեսէն բնաջինջ ընէ։ Ձեր Տէր Աստուածը մի՛ փորձէք, ինչպէս Մասսայի մէջ փորձեցիք։ Ձեր Տէր Աստուծոյն վկայութիւններն ու կանոնները զգուշութեամբ պահեցէք։ Տէրոջը առջեւ ինչ որ ուղիղ ու հաճելի է, զայն ըրէ՛, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ, որպէս զի մտնես ու ժառանգես այն ընտիր երկիրը, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու ։ Քու բոլոր թշնամիներդ քու առջեւէդ հալածէ, ինչպէս Տէրը պատուիրեց։ Երբ՝ վաղը՝ քու որդիդ քեզի հարցնէ ու ըսէ. ‘Ի՞նչ պիտի ըլլան այն վկայութիւնները, կանոններն ու դատաստանները, որոնք մեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց’. Այն ատեն քու որդիիդ կարենաս ըսել. ‘Մենք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնին ծառայ էինք, բայց Տէրը զօրաւոր ձեռքով մեզ Եգիպտոսէն հանեց. Նաեւ Տէրը մեր աչքերուն առջեւ Եգիպտոսի վրայ, Փարաւոնին վրայ ու անոր բոլոր տանը վրայ մեծ ու սոսկալի նշաններ ու հրաշքներ ըրաւ Եւ մեզ անկէ հանեց, որպէս զի մեզ բերէ ու երդումով մեր հայրերուն խոստացած երկիրը տայ մեզի։ Տէրը մեզի պատուիրեց, որ այս բոլոր կանոնները գործադրենք ու մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք, որպէս զի մեզի աղեկ ըլլայ միշտ ու ողջ պահէ մեզ, ինչպէս ենք այսօր։ Եթէ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ այս բոլոր պատուիրանքները զգուշութեամբ կատարենք, ինչպէս ինք մեզի պատուիրեց, այն մեզի արդարութիւն պիտի սեպուի’։ «Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ժառանգելու համար ու քու առջեւէդ շատ ազգեր հալածէ, այսինքն Քետացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները, այս եօթը ազգերը, որոնք քեզմէ մեծ ու զօրաւոր են Ու երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ, զանոնք զա՛րկ ու բոլորովին կորսնցուր. անոնց հետ ուխտ մի՛ ըներ ու անոնց մի՛ ողորմիր. Ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն ըրէ. քու աղջիկդ անոր տղուն մի՛ տար ու անոր աղջիկը քու տղուդ մի՛ առներ. Վասն զի քու տղաքներդ իմ ծառայութենէս պիտի հեռացնեն, որով օտար աստուածներ պիտի պաշտեն, այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ բորբոքելով ձեզ շուտով պիտի կորսնցնէ։ Սակայն՝ անոնց այսպէս ըրէք՝ անոնց սեղանները կործանեցէ՛ք, անոնց արձանները խորտակեցէ՛ք, անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք ու անոնց քանդակուած կուռքերը կրակով այրեցէ՛ք։ Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես եւ քու Տէր Աստուածդ երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր ազգերուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի դուն անոր սեփական ժողովուրդ ըլլաս։ Տէրը ձեզ սիրեց ու ընտրեց ո՛չ թէ բոլոր ազգերէն շատ ըլլալնուդ համար, քանզի դուք բոլորէն քիչ էիք։ Այլ Տէրը ձեզ սիրելուն համար ու ձեր հայրերուն ըրած երդումը պահելու համար, Տէրը ձեզ զօրաւոր ձեռքով ծառայութեան տունէն հանեց եւ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատեց։ Արդ՝ գիտցի՛ր, որ քու Տէր Աստուածդ ի՛նքն է Աստուած, հաւատարիմ Աստուածը, որ զինք սիրողներուն ու իր պատուիրանքները պահողներուն մինչեւ հազար ազգը ուխտ ու ողորմութիւն կը պահէ, Բայց զինք ատողներն ալ ուղղակի կը պատժէ եւ կը կորսնցնէ։ Զինք ատողին պատիժը չ’ուշացներ, անոր ուղղակի կը փոխարինէ։ Ուրեմն պահէ՛ դուն այն պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի զանոնք կատարես։ Ուստի եթէ այս օրէնքները լսելով զանոնք պահես ու գործադրես, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի համար քու հայրերուդ երդում ըրած ուխտն ու ողորմութիւնը պիտի պահէ. Նաեւ քեզ պիտի սիրէ եւ քեզ պիտի օրհնէ ու քեզ պիտի շատցնէ եւ քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու ցորենդ, քու գինիդ, քու իւղդ, կովերուդ ծնունդն ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ որ քեզի տայ։ Դուն բոլոր ազգերէն աւելի օրհնեալ պիտի ըլլաս ու ձեր մէջ եւ ձեր անասուններուն մէջ, թէ արուներէն եւ թէ՛ էգերէն, ամուլ պիտի չգտնուի։ Տէրը բոլոր հիւանդութիւնները քեզմէ պիտի վերցնէ ու Եգիպտացիներուն գէշ ցաւերը, որոնք դուն գիտես, բնաւ քու վրադ պիտի չբերէ, այլ զանոնք քու բոլոր թշնամիներուդ վրայ պիտի ղրկէ։ Եւ դուն պիտի սպառես այն բոլոր ազգերը, որոնք քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ պիտի տայ։ Քու աչքդ անոնց պէտք չէ խնայէ ու անոնց աստուածները պէտք չէ պաշտես, վասն զի այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ։ Եթէ սրտիդ մէջ ըսես թէ ‘Այն ազգերը ինծմէ շատուոր են, ես ի՞նչպէս կրնամ զանոնք հալածել’, Անոնցմէ մի՛ վախնար, այլ միշտ յիշէ՛ ինչ որ քու Տէր Աստուածդ ըրաւ Փարաւոնին ու բոլոր Եգիպտացիներուն, Այն մեծամեծ փորձանքները, որոնց դուն ականատես եղար, այն նշաններն ու հրաշքները, այն զօրաւոր ձեռքն ու բարձր բազուկը, որոնցմով քու Տէր Աստուածդ քեզ հանեց։ Քու Տէր Աստուածդ նոյնպէս պիտի ընէ այն բոլոր ազգերուն, որոնցմէ դուն կը վախնաս։ Նաեւ քու Տէր Աստուածդ անոնց վրայ իշամեղու պիտի ղրկէ, որպէս զի մնացածներն ու քու երեսէդ պահուըտողները կորսուին։ Ուրեմն անոնց երեսէն մի՛ վախնար. քանզի քու Տէր Աստուածդ՝ այն զօրաւոր ու ահարկու Աստուածը՝ ձեր մէջ է։ Եւ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերը քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտէ. զանոնք պէտք չէ մէկէն հատցնես, որպէս զի դաշտին գազանները չշատնան։ Քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնէ ու զանոնք մեծ կործանումով պիտի կործանէ, մինչեւ ամէնքը բնաջինջ ըլլան։ Անոնց թագաւորները քու ձեռքդ պիտի տայ։ Անոնց անունները երկնքի տակէն ոչնչացո՛ւր ու ոեւէ մէկը պիտի չկրնայ քեզի դէմ կենալ, մինչեւ զանոնք կորսնցնես։ Անոնց աստուածներուն քանդակուած կուռքերը կրակով պէտք է այրես ու անոնց վրայ եղած ոսկիին ու արծաթին աչք մի՛ տնկեր ու զանոնք քեզի մի՛ առներ, որպէս զի անոնցմով որոգայթի մէջ չբռնուիս. վասն զի անոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ գարշելի են։ Արդ՝ գարշելի բան մը տունդ մի՛ տանիր, որպէս զի դուն ալ անոր պէս չնզովուիս։ Անկէ բոլորովին զզուէ՛ ու զանիկա խիստ գարշելի սեպէ՛, վասն զի ան նզովուած է։ «Բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր կու տամ ձեզի, ուշադրութեամբ պիտի կատարէք, որպէս զի ապրիք, շատնաք, մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը, որ Տէրը երդումով խոստացաւ ձեր հայրերուն։ Ու յիշէ՛ այն ճամբան, որ քու Տէր Աստուածդ քառասուն տարի քեզ անապատին մէջ պտըտցուց, քեզ խոնարհեցնելու, փորձելու ու սրտիդ մէջինը իմանալու համար, թէ արդեօք դուն իր պատուիրանքները պիտի պահե՞ս՝ թէ ոչ։ Տէրը քեզ խոնարհեցուց, անօթեցուց եւ մանանայով կերակրեց, որ ո՛չ դուն կը ճանչնայիր եւ ո՛չ քու հայրերդ, որ գիտնաս թէ մարդ միայն հացով չապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի։ Այդ քառասուն տարին քու վրայէդ լաթերդ չհինցան ու ոտքերդ չուռեցան։ Որպէս զի սրտիդ մէջ գիտնաս թէ՝ ինչպէս մարդ մը կը խրատէ իր որդին, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ այնպէս կը խրատէ։ Ուրեմն քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները պահէ՛, որպէս զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անկէ վախնաս։ Քանզի քու Տէր Աստուածդ աղէկ երկիր մը կը տանի քեզ, այնպիսի երկիր մը, որ դաշտերէ ու լեռներէ բղխող գետերով, աղբիւրներով ու խորունկ ջուրերով լեցուն է. Այնպիսի երկիր մը, որ ցորենով, գարիով, այգիներով, թզենիներով եւ նռնենիներով լեցուն է, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր։ Այնպիսի երկիր մը, ուր կուշտ հաց պիտի ուտես ու անոր մէջ ոեւէ բան պիտի չպակսի քեզի։ Երկիր մը, որուն քարերը երկաթ են ու անոր լեռներէն պղինձ կրնաս հանել։ Ուստի, երբ ուտես ու կշտանաս, քու Տէր Աստուածդ օրհնէ՛ այն աղէկ երկիրը քեզի տալուն համար։ Քու անձիդ զգուշութիւն ըրէ՛, չըլլայ ու քու Տէր Աստուածդ մոռնաս ու չպահես անոր պատուիրանքները, օրէնքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ։ Երբ ուտես ու կշտանաս եւ գեղեցիկ տուներ շինես ու բնակիս անոնց մէջ Ու երբ արջառներդ եւ հօտերդ շատնան ու նաեւ արծաթդ ու ոսկիդ շատնան եւ քու բոլոր ունեցածդ շատնայ, Թող սիրտդ չհպարտանայ եւ քու Տէր Աստուածդ չմոռնաս, որ Եգիպտացիներու երկրէն, ծառայութեան տունէն քեզ հանեց Եւ այն մեծ ու ահագին եւ խայթող օձերով ու կարիճներով լեցուն, չոր ու անջուր անապատին մէջ քեզ պտըտցուց ու քեզի ապառաժէն ջուր հանեց Եւ անապատին մէջ քու հայրերուդ չճանչցած մանանայովը քեզ կերակրեց, որպէս զի քեզ խոնարհեցնէ ու փորձէ եւ վերջը քեզի բարիք ընէ։ Սրտիդ մէջ մի՛ ըսեր թէ՝ ‘Այս հարստութիւնը իմ կարողութիւնովս ու իմ ձեռքիս ուժովը վաստկեցայ’. Հապա քու Տէր Աստուածդ յիշէ՛, քանզի հարստութիւն ստանալու համար քեզի ոյժ տուողը ա՛ն է, որպէս զի քու հայրերուդ իր երդումով ըրած ուխտը հաստատէ, ինչպէս այսօր կը տեսնես ։ Եւ եթէ քու Տէր Աստուածդ մոռնալով ուրիշ աստուածներու ետեւէ երթաս, զանոնք պաշտես ու անոնց երկրպագութիւն ընես, ես այսօր ձեզի կը վկայեմ թէ դուք բոլորովին պիտի կորսուիք. Այն ազգերուն պէս, որոնք Տէրը ձեր առջեւէն պիտի կորսնցնէ, այնպէս որ պիտի կորսուիք, վասն զի ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չըրիք։ «Ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ՛. Դուն այսօր Յորդանանէն կ’անցնիս, որպէս զի երթաս քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգերու, մինչեւ երկինք բարձրացող պարսպապատ մեծ քաղաքները ժառանգես։ Այն մեծ ու երկայնահասակ ազգը՝ Ենակիմներուն որդիները՝ որոնք դուն կը ճանչնաս ու որոնց համար լսեր ես՝ ‘Ենակին որդիներուն ո՞վ կրնայ դէմ դնել’։ Արդ՝ այսօր գիտցիր թէ քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ կ’երթայ իբրեւ մաշող կրակ ու զանոնք պիտի կորսնցնէ եւ քու առջեւէդ զանոնք պիտի նուաճէ եւ դուն զանոնք պիտի հալածես ու շուտով կորսնցնես, ինչպէս Տէրը քեզի ըսաւ։ Երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու առջեւէդ հալածէ, սրտիդ մէջ չըսես թէ Տէրը իմ արդարութեանս համար զիս այս երկիրը բերաւ, որպէս զի ժառանգեմ. քանզի Տէրը այս ազգերը իրենց անօրէնութեանը համար քու առջեւէդ կը վռնտէ։ Ո՛չ թէ քու արդարութեանդ ու սրտիդ ուղղութեանը համար կը մտնես անոնց երկիրը ժառանգելու, այլ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերուն անօրէնութեանը համար զանոնք քու առջեւէդ կը վռնտէ եւ որպէս զի հաստատէ այն խօսքը՝ որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ։ Ուստի գիտցիր թէ քու արդարութեանդ համար չէ, որ քու Տէր Աստուածդ այս աղէկ երկիրը քեզի ժառանգել կու տայ. քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես։ Միտքդ պահէ՛ ու մի՛ մոռնար, թէ դուն քու Տէր Աստուածդ անապատին մէջ բարկացուցիր. Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէդ մինչեւ հոս եկած օրդ Տէրոջը անհնազանդ եղաք։ Քորէբի մէջ ալ Տէրը բարկացուցիք եւ Տէրը ձեզ կորսնցնելու համար ձեզի բարկացաւ։ Երբ ես լեռը ելայ, որպէս զի քարեղէն տախտակները առնեմ, այսինքն Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին տախտակները, քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը կեցայ. ո՛չ հաց կերայ եւ ո՛չ ջուր խմեցի. Այն ատեն Տէրը տուաւ ինծի Աստուծոյ մատովը գրուած երկու քարեղէն տախտակները, որոնց վրայ գրուած էին բոլոր այն խօսքերը, որոնք ժողովին օրը լերանը վրայ կրակին մէջէն Տէրը ձեզի խօսեցաւ։ Արդ՝ քառասուն օրէն ու քառասուն գիշերէն ետքը Տէրը երկու քարեղէն տախտակները, այսինքն ուխտին տախտակները, ինծի տուաւ։ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր ու շուտով ասկէ վա՛ր իջի՛ր, քանզի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր. իմ պատուիրած ճամբայէս շուտով խոտորեցան, իրենց ձուլածոյ կուռք շինեցին’։ Նաեւ Տէրը ինծի հետ խօսելով ըսաւ. ‘Ես այս ժողովուրդին նայեցայ եւ ահա խստապարանոց ժողովուրդ մըն է ան. Թող տուր որ զանոնք կորսնցնեմ ու անոնց անունը երկնքի տակէն բնաջինջ ընեմ եւ քեզ անոնցմէ զօրաւոր ու բազմաթիւ ազգ մը պիտի ընեմ’։ Այն ատեն ես դարձայ, լեռնէն վար իջայ ու լեռը կրակով կ’այրէր եւ ուխտին երկու տախտակները երկու ձեռքերուս մէջ էին։ Ետքը նայեցայ տեսայ, որ ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործելով ձեզի ձուլածոյ հորթ շիներ էիք, Տէրոջը ձեզի պատուիրած ճամբայէն շուտով խոտորեր էիք։ Այն ատեն երկու տախտակները բռնեցի ու իմ երկու ձեռքերուս վրայէն վար նետեցի եւ ձեր աչքերուն առջեւ զանոնք կոտրտեցի։ Ետքը առաջուան պէս Տէրոջը առջեւ աղաչեցի քառասուն օր ու քառասուն գիշեր. ո՛չ հաց կերայ, ո՛չ ալ ջուր խմեցի, ձեր գործած բոլոր մեղքին համար, վասն զի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելով զանիկա բարկացուցեր էիք. Քանզի վախցայ այն սոսկալի բարկութենէն, որով Տէրը ձեր վրայ բարկացաւ ձեզ կորսնցնելու համար։ Սակայն Տէրը այն անգամին ալ ինծի լսեց Եւ Տէրը Ահարոնին խիստ բարկացաւ, այնպէս որ զանիկա պիտի կորսնցնէր։ Նոյն ատեն Ահարոնին համար ալ աղօթք ըրի։ Ձեր ըրած մեղքը, այսինքն հորթը, առի ու զանիկա կրակով այրեցի։ Ետքը զանիկա ծեծելով լաւ մը փշրեցի, մինչեւ որ մանր փոշի եղաւ եւ այն փոշին լեռնէն իջնող առուին մէջ նետեցի։ Նաեւ Տաբերայի, Մասսայի ու Կիբրօթ-Հաթթավայի մէջ Տէրը բարկացուցիք։ Երբ Տէրը ձեզ Կադէս-Բառնեայէն ղրկեց եւ ձեզի ըսաւ՝ ‘Ելէ՛ք ու իմ ձեզի տուած երկիրս ժառանգեցէ՛ք’, այն ատեն ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին անհնազանդութիւն ըրիք ու անոր չհաւատալով՝ անոր խօսքին մտիկ չըրիք։ Ձեզ ճանչցած օրէս ի վեր Տէրոջը անհնազանդ էք։ Ուստի ես քառասուն օր ու քառասուն գիշեր որ աղաչեցի, Տէրոջը առջեւ աղաչեցի, որովհետեւ Տէրը որոշեց որ ձեզ կորսնցնէ։ Ես Տէրոջը աղաչելով ըսի. ‘Ո՛վ Տէր Եհովա, մի՛ կորսնցներ քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ, որ քու մեծութիւնովդ ազատեցիր ու զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր։ Քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակն ու Յակոբը՝ յիշէ եւ այս ժողովուրդին խստութեանը, անօրէնութեանն ու մեղքին մի՛ նայիր. Չըլլայ որ այն երկրին, ուրկէ մեզ հանեցիր, բնակիչները ըսեն թէ՝ «Տէրը կարող չըլլալով զանոնք տանելու այն երկիրը, որ անոնց խոստացեր էր կամ զանոնք ատելով, հանեց զանոնք որպէս զի անապատին մէջ մեռցնէ»։ Որովհետեւ անոնք քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ են, որոնք դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու բարձր բազուկովդ Եգիպտոսէն հանեցիր’։ «Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Քեզի նախորդներուն պէս երկու հատ քարէ տախտակ կոփէ՛ ու լեռը ինծի ելի՛ր ու նաեւ քեզի փայտէ տապանակ մը շինէ՛։ Տախտակներուն վրայ քու կոտրած տախտակներուդ վրայի խօսքերը պիտի գրեմ։ Զանոնք տապանակին մէջ դի՛ր’։ Ուստի ես Սատիմի փայտէ տապանակ մը շինեցի ու նախորդին պէս երկու քարէ տախտակ կոփեցի ու այն երկու տախտակները ձեռքս առնելով լեռը ելայ։ Տէրը տախտակներուն վրայ նոյն տասը խօսքերը գրեց, որոնք Տէրը ձեզի լերանը վրայ կրակին մէջէն խօսեցաւ ժողովին օրը։ Տէրը զանոնք ինծի տուաւ։ Անկէ դառնալով լեռնէն վար իջայ ու տախտակները իմ շինած տապանակիս մէջ դրի, որպէս զի հոն մնան, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց»։ (Իսրայէլի որդիները Բերոթ-Բանէ-Յականէն Մօսէրա չուեցին. հոն մեռաւ Ահարոն ու հոն թաղուեցաւ եւ անոր որդին Եղիազարը անոր տեղ քահանայ եղաւ։ Անկէ Գադգադ ու Գադգադէն ջուրի առուներու երկիրը՝ Ետեբաթա՝ չուեցին։ Այն ատեն Տէրը Ղեւիին ցեղը զատեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը կրէ, Տէրոջը առջեւ կենայ որպէս զի անոր ծառայութիւն ընէ ու անոր անունովը օրհնէ մինչեւ այսօր։ Այս պատճառով Ղեւի իր եղբայրներուն հետ բաժին ու ժառանգութիւն պիտի չունենայ։ Անոր ժառանգութիւնը Տէրն է, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ անոր ըսաւ։) «Ես նախորդին նման քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լերանը վրայ կեցայ ու Տէրը այս անգամին ալ ինծի մտիկ ընելով չուզեց քեզ կորսնցնել։ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր ու ժողովուրդին առջեւէն չուէ՛, որպէս զի մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը, որ երդումով անոնց հայրերուն խոստացայ, անոնց տալ’։ Ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուածդ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Միայն քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ, իր ճամբաներուն մէջ քալել եւ զինք սիրել։ Նաեւ քու բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուածդ պաշտել Եւ Տէրոջը պատուիրանքներն ու կանոնները պահել, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։ Ահա երկինք ու երկինքներուն երկինքը, նաեւ երկիր ու բոլոր անոր մէջ եղածը քու Տէր Աստուծոյդ կը վերաբերին ։ Տէրը քու հայրերուդ հաւնեցաւ ու զանոնք սիրեց եւ անոնցմէ ետքը անոնց զաւակները՝ այսինքն ձեզ՝ ընտրեց բոլոր ազգերուն մէջէն, ինչպէս այսօր կը տեսնէք ։ Ուստի ձեր սրտերուն անթլփատութիւնը թլփատեցէք ու ձեր պարանոցները ալ մի՛ խստացնէք Քանզի ձեր Տէր Աստուածը աստուածներուն Աստուածը ու տէրերուն Տէրն է. մեծ, հզօր ու ահեղ Աստուած է, որ աչառութիւն չ’ըներ ու կաշառք չ’առներ. Անիկա որբին ու որբեւարիին իրաւունք կ’ընէ, պանդուխտը կը սիրէ ու անոր հաց ու հանդերձ կու տայ։ Ուրեմն պանդուխտը սիրեցէք. քանզի դուք ալ Եգիպտացիներու երկրին մէջ պանդուխտ էիք։ Քու Տէր Աստուծմէդ պէտք է վախնաս ու զանիկա պաշտես ու անոր յարիս ու անոր անունովը երդում ընես։ Քու պարծանքդ անիկա է եւ քու Աստուածդ անիկա է, որ քեզի համար այս մեծ ու սքանչելի բաներն ըրաւ, որոնք դուն քու աչքերովդ տեսար։ Քու հայրերդ եօթանասուն հոգի էին, երբ Եգիպտոս իջան. բայց հիմա քու Տէր Աստուածդ քեզ երկնքի աստղերուն պէս շատցուց։ «Ուրեմն դուն քու Տէր Աստուածդ պէտք է սիրես ու միշտ անոր հրամանները՝ կանոնները, օրէնքներն ու պատուիրանքները՝ պահես։ Այսօր գիտցէ՛ք, թէ ձեր որդիներուն չէ իմ խօսքս, որովհետեւ անոնք չգիտցան ու չտեսան ձեր Տէր Աստուծոյն խրատը, անոր մեծութիւնը, զօրաւոր ձեռքը ու բարձր բազուկը, Եգիպտոսի մէջ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ու անոր բոլոր երկրին վրայ ըրած նշաններն ու գործերը, Ինչ որ ըրաւ Եգիպտացիներու զօրքերուն, ձիերուն ու կառքերուն, երբ անոնք ձեր ետեւէն ինկան, ի՛նչպէս Տէրը Կարմիր ծովուն ջուրերը անոնց վրայ դարձուց ու զանոնք կորսնցուց Եւ ինչ որ ըրաւ ձեզի անապատին մէջ, մինչեւ ձեր հոս գալը, Ինչ որ Ռուբէնեան Եղիաբին որդիներուն, Դաթանին ու Աբիրոնին ըրաւ. ի՛նչպէս երկիրը իր բերանը բացաւ ու զանոնք իրենց ընտանիքներովը, իրենց վրաններովն ու իրենց ամէն ստացուածքովը Իսրայէլի մէջէն կլլեց։ Սակայն Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը ձեր աչքերը տեսան։ «Ուրեմն ձեզի պահեցէք այն ամէն պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի զօրանաք ու մտնէք այն երկիրը, ուր կ’երթաք զանիկա ժառանգելու։ Ձեր օրերը երկար ըլլան այն երկրին վրայ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ՝ իրենց եւ իրենց սերունդին տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։ «Քանզի այն երկիրը, ուր դուք պիտի մտնէք զանիկա ժառանգելու համար, Եգիպտոսի երկրին պէս չէ, ուրկէ ելաք. ուր երբ սերմ կը ցանէիք, բանջարի պարտէզի պէս ոտքերով անոր ջուր կու տայիք։ Այլ ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկիրը լեռներու ու հովիտներու երկիր մըն է. երկնքի անձրեւին ջրովը կը ջրուի. Այնպիսի երկիր մըն է, որ քու Տէր Աստուածդ կը խնամէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ աչքը տարուան սկիզբէն մինչեւ վերջը անոր վրայ է։ Ուստի եթէ ուշադրութեամբ մտիկ ընէք իմ պատուիրանքներս, որոնք այսօր ձեզի կը պատուիրեմ ու ձեր Տէր Աստուածը սիրէք եւ զանիկա ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգիովը պաշտէք, Այն ատեն ձեր երկրին անձրեւը, առաջին ու վերջին անձրեւը, իրենց ատենին պիտի տամ եւ քու ցորենդ, քու գինիդ ու քու իւղդ պիտի հաւաքես։ Նաեւ քու արտիդ մէջ խոտ պիտի տամ անասուններուդ համար, որպէս զի ուտեն ու կշտանան։ Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, չըլլայ թէ ձեր սիրտը խաբուի ու դուք շիտակ ճամբայէն խոտորելով օտար աստուածներ պաշտէք ու անոնց երկրպագութիւն ընէք։ Տէրը ձեզի դէմ սաստիկ բարկանալով երկինքը կը գոցէ, որպէս զի անձրեւ չգայ ու երկիր իր պտուղը չտայ եւ Տէրոջը ձեզի տուած բարի երկրէն շուտով կորսուիք։ «Այս իմ խօսքերս ձեր սրտին ու հոգիին մէջ պահեցէք ու զանոնք նշանի համար ձեր ձեռքերուն վրայ կապեցէք ու ճակատնոցի համար ձեր աչքերուն մէջտեղ թող ըլլան Եւ զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ եւ պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք պատմէ։ Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ ու դռներուդ վրայ գրէ՛. Որպէս զի այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու, ձեր օրերն ու ձեր որդիներուն օրերը շատնան իբրեւ երկնքի օրեր՝ երկրի վրայ։ «Քանզի եթէ այս իմ ձեզի պատուիրած բոլոր պատուիրանքներս զգուշութեամբ պահէք ու կատարէք եւ ձեր Տէր Աստուածը սիրէք ու անոր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք եւ անոր յարիք, Տէրն ալ բոլոր ազգերը ձեր առջեւէն պիտի վռնտէ եւ դուք մեծ ու զօրաւոր ազգերու վրայ պիտի տիրէք։ Ձեր ոտքին ամէն կոխած տեղը ձերը պիտի ըլլայ. ձեր սահմանը անապատէն ու Լիբանանէն, գետէն՝ այսինքն Եփրատ գետէն՝ մինչեւ արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։ Բնաւ մէկը պիտի չկարենայ ձեզի դէմ դնել. ձեր Տէր Աստուածը ձեր ամէն կոխած երկրի վրայ ձեզմէ վախ մը ու սոսկում մը պիտի բերէ, ինչպէս ձեզի ըսաւ։ «Ահա ես այսօր ձեր առջեւ օրհնութիւն ու անէծք կը դնեմ. Օրհնութիւնը՝ եթէ հնազանդութիւն ընէք ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ Եւ անէծքը՝ եթէ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն չհնազանդիք ու խոտորիք այն ճամբայէն, որ ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ ու ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթաք։ Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ու ժառանգես, օրհնութիւնը Գարիզին լերանը վրայ ու անէծքը Գեբաղ լերանը վրայ պիտի դնես։ Ահա ասոնք Յորդանանի անդիի կողմը արեւմտեան ճամբուն վրայ, Մօրէի կաղնիներուն մօտ, Գաղգաղայի դիմացի հովտին մէջ բնակող Քանանացիներուն երկրին մէջ են։ Որովհետեւ դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ ու զանիկա պիտի ժառանգէք եւ անոր մէջ պիտի բնակիք։ Ուրեմն զգուշութեամբ գործադրեցէք այն բոլոր կանոններն ու օրէնքները, որոնք ես այսօր ձեր առջեւ կը դնեմ»։ «Ասոնք են այն կանոններն ու օրէնքները, որոնք դուք պահելու եւ ընելու էք այն երկրին մէջ որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ իբր ժառանգութիւն, որչափ ժամանակ որ երկրի վրայ ապրիք։ Այն բոլոր տեղերը, ուր պարտուած ազգերը՝ բարձր լեռներու վրայ, բլուրներու վրայ ու ամէն տերեւալից ծառերու տակ՝ իրենց աստուածները պաշտեր են, բոլորովին պէտք է կործանէք, Նաեւ անոնց սեղանները փլցնէք եւ անոնց արձանները կոտրտէք, անոնց Աստարովթները կրակով այրէք ու անոնց աստուածներուն կուռքերը կտոր կտոր ընէք եւ անոնց անունները այն տեղէն ոչնչացնէք։ « Իսկ ձեր Տէր Աստուծոյն այսպէս մի՛ ընէք։ Բայց դուք պիտի փնտռէք այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը բոլոր ցեղերուն մէջէն պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեան համար։ Հոն պիտի երթաք, Ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաները, ձեր ուխտերը, ձեր կամաւոր ընծաներն ու ձեր արջառներուն ու ոչխարներուն անդրանիկները հոն պիտի տանիք Եւ հոն ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ պիտի ուտէք եւ ձեր Տէր Աստուածը ձեզ օրհնելուն համար՝ ձեր ամէն ձեռք զարկած բաներուն մէջ պիտի ուրախանաք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր ընտանիքը։ «Մի՛ ընէք այն ամենուն համեմատ, որ մենք այսօր այստեղ կ’ընենք, այսինքն ամէն մարդ իր աչքերուն հաճոյ եղածին պէս Քանզի մինչեւ հիմա չհասաք այն հանգստութեանն ու ժառանգութեանը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։ Բայց դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք ու պիտի բնակիք այն երկրին մէջ, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ժառանգութիւն պիտի տայ ու ձեր բոլոր շրջակայ թշնամիներէն ձեզ պիտի հանգստացնէ ու ապահովութեամբ պիտի բնակիք։ Այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար, բոլոր ձեզի պատուիրածներս պիտի տանիք՝ ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաներն ու ձեր բոլոր ուխտերուն ընտիր ընծաները, որոնք Տէրոջը պիտի նուիրէք Եւ ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուրախութիւն պիտի ընէք, թէ՛ դուք, թէ՛ ձեր տղաքներն ու աղջիկները, ձեր ծառաներն ու աղախինները եւ թէ՛ ձեր դռները եղող Ղեւտացին, վասն զի անիկա ձեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։ «Ուշադիր եղիր, չըլլայ թէ ամէն տեսած տեղդ քու ողջակէզներդ մատուցանես. Այլ քու ողջակէզներդ ա՛յն տեղը պիտի մատուցանես, որ Տէրը քու ցեղերէդ մէկուն մէջ պիտի ընտրէ։ Հոն իմ բոլոր պատուիրած բաներս պիտի կատարես։ Սակայն բոլոր քաղաքներուդ մէջ սրտիդ ուզածին պէս անասուններ կրնաս մորթել ու միսը ուտել, որչափ որ քու Տէր Աստուածդ քեզի օրհնութիւն տուեր է ու զանիկա անմաքուր ու մաքուր մարդը այծեամի ու եղջերուի պէս կրնան ուտել։ Բայց արիւնը մի՛ ուտէք. զանիկա ջուրի պէս գետինը թափեցէք։ «Ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդները, արջառներուդ ու հօտերուդ անդրանիկները, բոլոր ուխտի նուէրներդ եւ կամաւոր ու բարձրացնելու ընծաներդ քու դռներուդ մէջ մի՛ ուտեր. Այլ զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը կեր, թէ՛ դուն, թէ՛ քու տղադ ու աղջիկդ, թէ՛ ծառադ ու աղախինդ եւ թէ՛ քու դռներդ եղող Ղեւտացին եւ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ քու բոլոր ձեռնարկներուդ վրայ պիտի ուրախանաս։ Զգոյշ կեցիր, չըլլայ թէ Ղեւտացին անտես ընես, քանի որ ողջ ես քու երկրիդ վրայ։ «Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսածին պէս քու սահմանդ ընդարձակէ ու սիրտդ միս ուտել ուզէ՝ ‘Միս ուտեմ’ ըսես, սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս կեր։ Եթէ քեզմէ հեռու ըլլայ այն տեղը, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզի պատուիրածիս պէս քու արջառներէդ ու ոչխարներէդ մորթէ՛, որոնք Տէրը քեզի պիտի տայ ու քու սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս քու քաղաքներուդ մէջ կեր։ Այծեամն ու եղջերուն ի՛նչպէս կ’ուտուի, զանոնք ալ այնպէս կեր։ Անմաքուր ու մաքուր մարդը անխտիր թող ուտեն։ Բայց զգուշացիր, որ արիւնը չուտես. վասն զի արիւնը ոգին է ու ոգին միսին հետ մի՛ ուտեր։ Զանիկա մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ։ Զանիկա մի՛ ուտեր, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ՝ Տէրոջը առջեւ ուղիղ սեպուածը ընելովդ։ Բայց քու նուէրներդ եւ ուխտերդ ա՛ռ ու Տէրոջը ընտրած տեղը գնա՛։ Քու ողջակէզներուդ միսն ու արիւնը, քու զոհերուդ արիւնը քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին վրայ թափէ՛, բայց միսը կե՛ր։ «Ուշադրութեամբ հնազանդիր այս բոլոր խօսքերուն, որոնք քեզի պատուիրեցի, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ աղէկ ու հաճոյ եղածը ընելովդ՝ քեզի ու քեզմէ յետոյ քու որդիներուդ յաւիտեան աղէկ ըլլայ։ «Երբ քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ ջարդէ այն ազգերը, որոնց երկիրը դուն պիտի ժառանգես ու երբ զանոնք ժառանգես ու անոնց երկրին մէջ բնակիս, Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլա՛յ որ անոնց քու առջեւէդ բնաջինջ ըլլալէն ետքը անոնց հետեւելով՝ որոգայթի մէջ իյնաս եւ չըլլա՛յ որ անոնց աստուածներուն վրայով հարցուփորձես՝ ըսելով. ‘Այս ազգերը ի՞նչպէս իրենց աստուածները կը պաշտէին. ես ալ այնպէ՛ս ընեմ’։ Դուն քու Տէր Աստուծոյդ այնպէս մի՛ ըներ, քանզի անոնք Տէրոջը ատելի եղած բոլոր գարշելի բաները իրենց աստուածներուն կ’ընէին. որովհետեւ անոնք իրենց աստուածներուն պատիւ ընելու համար մինչեւ անգամ իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակով կ’այրէին։ Ես քեզի ինչ որ կը պատուիրեմ, ուշադրութեամբ կատարէ. անոր վրայ բան մը մի՛ աւելցներ ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցներ»։ «Եթէ ձեր մէջէն մարգարէ մը կամ երազատես մը ելլէ ու ձեզի նշան մը կամ հրաշք մը ընէ Եւ ձեզի ըրած նշանը կամ հրաշքը կատարուի ու ձեզի ըսէ թէ երթանք օտար աստուածներ պաշտենք, որոնք դուք չէք ճանչցած, Այն մարգարէին կամ երազատեսին խօսքին մտիկ մի՛ ընէք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ձեզ կը փորձէ, որպէս զի հասկնայ թէ արդեօք դուք ձեր Տէր Աստուածը ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգիովը կը սիրէ՞ք։ Ձեր Տէր Աստուծոյն հետեւեցէք ու անկէ վախցէք, անոր պատուիրանքները պահեցէք ու անոր խօսքին հնազանդեցէք, զանիկա պաշտեցէք ու անոր յարեցէք։ Այն մարգարէն կամ երազատեսը պէտք է մեռցուի, վասն զի ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող ու ձեզ ծառայութեան տունէն ազատող ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ ապստամբութիւն հանելու աշխատեցաւ, որպէս զի ձեզ խոտորեցնէ այն ճամբայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց, որ անոր մէջէն քալէք. այս տեսակ չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք։ «Եթէ քու մօրդ տղան՝ քու եղբայրդ, կամ քու տղադ, կամ՝ աղջիկդ, կամ ծոցիդ կինը եւ կամ քու բարեկամդ, որ քու անձիդ պէս կը սիրես, քեզ մոլորեցնել ուզելով ծածկաբար ըսէ՝ ‘Երթանք եւ օտար աստուածներ պաշտենք’, որոնք ո՛չ դուն ճանչցար, ոչ ալ քու հայրերդ Ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն աստուածներէն, ձեզի մօտ ըլլան կամ ձեզմէ հեռու, երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը, Անոր հաւանութիւն մի՛ տար, ոչ ալ անոր մտիկ ըրէ։ Քու աչքդ անոր թող չխնայէ, ո՛չ ալ անոր վրայ գութ ունենալով պահես զանիկա, Այլ անշուշտ պէտք է մեռցնես ու զանիկա մեռցնելու համար նախ քու ձեռքդ անոր վրայ ըլլայ ու ետքը բոլոր ժողովուրդին ձեռքը. Քարերով քարկոծես զանիկա, որպէս զի մեռնի. քանզի ուզեց քեզ ապստամբեցնել քու Տէր Աստուծոյդ դէմ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեց։ Որպէս զի բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնայ ու անգամ մըն ալ ձեր մէջ ասոր պէս չարութիւն մը չընեն։ «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ՝ բնակութեան համար քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն վրայով լսես, որ կ’ըսէր թէ Ձեր մէջէն քանի մը չար մարդիկ՝ ՝ ելան ու իրենց քաղաքին բնակիչները ապստամբեցուցին, ըսելով. ‘Երթանք ձեր չճանչցած օտար աստուածները պաշտենք’, Այն ատեն աղէկ մը քննէ՛ ու հարցուփորձէ՛ ու երբ տեսնես որ ըսուած բանը ճշմարիտ ու ստոյգ է եւ այն գարշելի բանը ձեր մէջ եղած է, Այն քաղաքին բնակիչները անպատճառ սուրի բերնէ պէտք է անցընես, թէ՛ զայն եւ թէ՛ անոր մէջ եղած բոլոր բաները նզովելով. անասուններն ալ սուրի բերնէ պէտք է անցընես ։ Անոր բոլոր աւարը անոր հրապարակին մէջ հաւաքէ ու այն քաղաքը եւ անոր բոլոր աւարը քու Տէր Աստուծոյդ համար ամբողջութեամբ կրակով այրէ՛, որ անիկա յաւիտեան աւերակ մնայ ու անգամ մըն ալ չշինուի։ Այն նզովուածէն ձեռքիդ մէջ բան մը թող չփակչի։ Որպէս զի Տէրը իր սաստիկ բարկութենէն դառնայ, քեզի ողորմութիւն ու գթութիւն ընէ եւ քեզ շատցնէ, ինչպէս քու հայրերուդ երդում ըրաւ։ Դուն քու Տէր Աստուծոյդ ձայնին հնազանդելով անոր բոլոր պատուիրանքները պահէ՛, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ ու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուղիղ եղածը ըրէ՛։ «Դուք ձեր Տէր Աստուծոյն որդիներն էք, մեռելի համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ պէտք չէ ընէք ու ձեր ճակատին մէջտեղի մազերը պէտք չէ փետտէք. Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։ Տէրը երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս։ «Բնաւ պիղծ բան մի՛ ուտեր։ Ասոնք են ձեր ուտելու անասունները՝ արջառը, ոչխարն ու այծը, Եղջերուն, այծեամը, վիթը, խարբուզը, այծքաղը, յամոյրն ու անալութը։ Մնացեալ կենդանիներէն բոլոր կճղակաբաշխ (այսինքն կճղակը երկուքի բաժնուած) ու որոճացող անասունները կրնաք ուտել. Բայց որոճացողներէն կամ կճղակաբաշխ եղողներէն հետեւեալները մի՛ ուտէք՝ ուղտը, նապաստակն ու ճագարը. քանզի ասոնք թէպէտեւ կ’որոճան, բայց կճղակաբաշխ չեն։ Անոնք անմաքուր են։ Եւ խոզը, որ թէեւ կճղակաբաշխ է, բայց չորոճար, անիկա անմաքուր է։ Ասոնց միսը մի՛ ուտէք ու ասոնց դիակներուն մի՛ դպչիք։ «Ջուրերուն մէջ բոլոր եղածներէն հետեւեալները կերէ՛ք՝ ամէն թեւ ու թեփ ունեցողը, Բայց ոեւէ թեւ ու թեփ չունեցող մի՛ ուտէք։ Անոնք անմաքուր են։ «Ամէն մաքուր թռչուն կերէք։ Բայց մի՛ ուտէք հետեւեալ թռչունները ՝ արծիւը եւ պասկուճն ու գետարծիւը, Ցինն ու անգղը եւ ուրուրը իր տեսակներով Ու ագռաւը իր տեսակներով Եւ ջայլամն ու բուն եւ կկուն ու բազէն իր տեսակներով Եւ հաւպատիրն ու քաջահաւը եւ կարապը Եւ հաւալուսն ու սեւ անգղը եւ հողամաղը Եւ արագիլն ու քարադրը իր տեսակներով եւ յոպոպն ու չիղջը։ Բոլոր թռչող զեռունները անմաքուր են. անոնք պէտք չէ ուտուին։ Ամէն մաքուր թռչուն կերէ՛ք։ «Ինքնիրմէ մեռածը բնաւ մի՛ ուտէք։ Զանիկա քու դռներդ եղող պանդուխտին տուր որպէս զի ուտէ, կամ օտարազգիի մը ծախէ. քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։ «Ուլը իր մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր։ «Ամէն տարի քու ցանած սերմիդ արդիւնքէն, արտէն ելած ամէն արմտիքներէն, անպատճառ տասանորդ պէտք է տաս։ Քու ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդը ու արջառներուդ եւ ոչխարներուդ անդրանիկները քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր, այն տեղը, որ ինք իր անուանը բնակութեանը համար պիտի ընտրէ, որպէս զի միշտ քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ սորվիս։ Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզ օրհնելուն համար ճամբան քեզի հեռու ըլլայ եւ այն տեղը՝ որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզմէ հեռու ըլլալով չկրնաս տասանորդը հոն տանիլ, Այն ատեն զանոնք ծախէ ու ստակը ծրարելով ձեռքդ ա՛ռ եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը գնա։ Այն ստակը սրտիդ բոլոր ցանկացած բաներուն, արջառներու կամ ոչխարներու, գինիի կամ օղիի ու սրտիդ ուզածներուն փոխարէն տուր։ Հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր եւ ուրախացի՛ր դուն եւ քու ընտանիքդ։ Քու դռներդ եղող Ղեւտացին ալ զանց մի՛ ըներ, քանզի անիկա քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։ «Ամէն երրորդ տարուան վերջաւորութեան նոյն տարուան արմտիքներուն բոլոր տասանորդը հանէ՛ եւ զանիկա քու քաղաքներուդ մէջ պահէ՛. Որպէս զի երբ Ղեւտացին (որ քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի) եւ դռներդ եղող օտարականը, որբն ու որբեւարին գան՝ ուտեն, կշտանան, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քեզ եւ քու ձեռքերուդ կատարած բոլոր գործերը օրհնէ։ «Եւ ամէն եօթներորդ տարի պարտքեր շնորհէ՛։ Շնորհելու կանոնը այս է՝ Ամէն պարտատէր որ իր դրացիին բան մը փոխ տուած է, զանիկա պիտի շնորհէ. իր դրացիէն կամ եղբօրմէն պիտի չպահանջէ զայն, վասն զի թողութիւն յայտարարուած է Տէրոջմէ։ Օտարազգիէն պիտի պահանջես, բայց քու եղբօրմէդ առնելիքդ պիտի շնորհես. Մինչեւ որ քու քովդ աղքատ չգտնուի. վասն զի Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, որպէս զի անոր տիրես։ Միայն՝ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին ամէն կերպով հնազանդիս ու այս բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ՝ զգուշութեամբ գործադրես, Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի ըսածին պէս քեզ պիտի օրհնէ եւ դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ մի՛ առներ, քանզի դուն շատ ազգերու վրայ պիտի տիրես, բայց անոնք քու վրադ թող չտիրեն։ «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ, քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, եթէ եղբայրներէդ մէկը աղքատ ըլլայ, խստասրտութիւն մի՛ ըներ ու աղքատ եղբօրդ ձեռքը մի՛ գոցեր։ Հապա անպատճառ ձեռքդ բաց անոր ու անոր կարօտութեանը բաւելու չափ անոր տո՛ւր։ Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլայ թէ սրտիդ մէջէն չար խորհուրդ մը անցընես ու եօթներորդ տարին, շնորհելու տարին, մօտ է՝ մտածելով՝ աղքատ եղբօրդ վրայ անգութ աչքով նայիս ու անոր փոխ չտաս եւ ան ալ քեզի դէմ Տէրոջը աղաղակէ ու դուն մեղքի տէր ըլլաս։ Անպատճառ անոր տուր ու անոր տալու ատենդ սիրտդ թող չնեղուի. վասն զի Տէր Աստուածդ այս պատճառով քու բոլոր գործերուդ ու ձեռնարկներուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։ Որովհետեւ երկրին մէջէն աղքատ պակաս պիտի չըլլայ, անոր համար քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ՝ ‘Քու երկրիդ մէջ եղած աղքատ ու չքաւոր եղբօրդ ձեռքդ բաց ըլլայ’։ «Եթէ քու եղբայրներէդ Եբրայեցի մարդ մը կամ կին մը քեզի ծախուի, անիկա վեց տարի քեզի ծառայութիւն թող ընէ, բայց եօթներորդ տարին զանիկա ազատ արձակէ՛։ Ազատ արձակելու ատենդ զանիկա պարապ մի՛ արձակեր. Քու ոչխարներէդ, քու կալէդ եւ քու հնձանէդ անպատճառ պարգեւ մը տուր անոր. քու Տէր Աստուածդ ինչպէս քեզ օրհնեց, նոյնպէս տուր անոր։ Միտքդ բե՛ր, թէ դուն ալ Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ փրկեց։ Այս պատճառով այսօր քեզի կը պատուիրեմ այս բանը։ Բայց եթէ քեզ եւ քու տունդ սիրելուն համար ու անիկա քու քովդ հանգիստ ըլլալուն համար ‘Քովէդ չեմ ելլեր’ ըսէ, Այն ատեն հերիւն մը ա՛ռ ու անոր ականջը դրանը վրայ ծակէ՛ եւ անիկա քեզի յաւիտեան ծառայ թող ըլլայ։ Աղախինիդ ալ նոյնպէս ըրէ։ Զանիկա քու քովէդ ազատ արձակելդ դժուար թող չերեւնայ քեզի, վասն զի քեզի վեց տարի ծառայութիւն ըրած է, որ վարձկանի մը վարձքին կրկնապատիկ արժէքը ունի ու քու Տէր Աստուածդ բոլոր գործերուդ մէջ քեզ պիտի օրհնէ։ «Քու արջառներէդ ու հօտերէդ ծնած ամէն արու անդրանիկները քու Տէր Աստուծոյդ նուիրէ՛։ Արջառներուդ անդրանիկներովը մի՛ գործեր ու անդրանիկ ոչխարներուդ բուրդը մի՛ կտրեր։ Ամէն տարի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ, Տէրոջը ընտրած տեղը, կերէք զանոնք դուն եւ քու ընտանիքդ։ Բայց եթէ անոնք արատաւոր ըլլան, կաղ կամ կոյր ըլլան, կամ ոեւէ ուրիշ գէշ արատ մը ունենան, զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ մի՛ զոհեր։ Այնպիսին քու քաղաքներուդ մէջ կե՛ր։ Անմաքուր ու մաքուր եղողները անխտրաբար կրնան ուտել այծեամի ու եղջերուի պէս։ Միայն անոր արիւնը մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ զայն։ «Ապիպ ամսուն ուշադրութիւն ըրէ, որպէս զի զատիկը ընես քու Տէր Աստուծոյդ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Ապիպ ամսուան մէջ գիշերով հանեց քեզ Եգիպտոսէն։ Զատկին համար քու Տէր Աստուծոյդ ոչխարներ ու արջառներ մորթէ՛ այն տեղը, որ Տէրը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար։ Անոր հետ խմորեալ հաց մի՛ ուտեր, եօթը օր դառնութեան անխմոր հաց պիտի ուտես անոր հետ. վասն զի Եգիպտոսի երկրէն տագնապով ելար. որպէս զի քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ Եգիպտոսի երկրէն ելած օրդ միտքդ բերես։ Քու բոլոր սահմաններուդ մէջ եօթը օր բնաւ խմոր թող չերեւնայ քովդ ու նախորդ իրիկունը մորթուած միսը մինչեւ առտու թող չմնայ։ Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն ոեւէ մէկուն մէջ զատիկը մի՛ մորթեր. Հապա միայն այն տեղ՝ որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար. հոն մորթէ՛ զատիկը իրիկուան դէմ՝ արեւին մարը մտած ատենը, Եգիպտոսէն ելած ժամանակդ։ Քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը զանիկա եփէ եւ կեր եւ առտուն դարձիր՝ տունդ գնա՛։ Վեց օր բաղարջ պիտի ուտես ու եօթներորդ օրը քու Տէր Աստուծոյդ համար տօնախմբութեան օր պիտի ըլլայ եւ գործ մը չընես։ «Դուն եօթը շաբաթ հաշուէ։ Եօթը շաբաթները հաշուել սկսէ, այն օրէն երբ սկսիս մանգաղով հնձել։ Ետքը քու Տէր Աստուծոյդ շաբաթներուն տօնը պահելով, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէդ եկած կամաւոր ընծան տո՛ւր։ Այն տեղ, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար՝ հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ ու քու քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին եւ ձեր մէջ գտնուած օտարականը, որբն ու որբեւարին։ Եգիպտոսի մէջ ծառայ ըլլալդ միտքդ բերելով՝ այս կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ՛։ «Քու կալիդ ու հնձանիդ բերքը հաւաքելէդ ետքը եօթը օր տաղաւարահարաց տօնը պահէ։ Տօնիդ մէջ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ, քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին, օտարականը եւ որբն ու որբեւարին։ Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր բերքերդ ու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնելուն համար, Տէրոջը ընտրած տեղը քու Տէր Աստուծոյդ եօթը օր տօն պահելով ուրախութիւն ըրէ։ «Տարին երեք անգամ, այսինքն բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու տաղաւարահարաց տօնին, քու բոլոր արուներդ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիտի երեւնան՝ այն տեղ, որ ինք պիտի ընտրէ ու մէկը Տէրոջը առջեւ ձեռքը պարապ թող չելլէ։ Ամէն մէկը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէն եկածին չափ նուէր թող բերէ ։ «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ քու ցեղերուդ համեմատ՝ քեզի դատաւորներ ու ոստիկաններ կարգէ, որ անոնք արդար դատաստանով ժողովուրդը դատեն։ Իրաւունքը մի՛ ծռեր, աչառութիւն մի՛ ըներ ու կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը իմաստուններուն աչքը կը կուրցնէ ու արդարներուն խօսքը սուտ կը հանէ։ Արդարութեան, միայն արդարութեան հետեւիր, որպէս զի ողջ մնաս եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տալու երկիրը ժառանգես։ «Քու Տէր Աստուծոյդ համար շինելու սեղանիդ քով ոեւէ անտառ մի՛ տնկեր քեզի։ Արձան ալ մի՛ կանգնեցներ քեզի, որմէ քու Տէր Աստուածդ կը զզուի»։ «Արատ մը կամ ոեւէ պակասութիւն ունեցող արջառ կամ ոչխար քու Տէր Աստուծոյդ զոհ մի՛ մատուցաներ, վասն զի այս բանը քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ է։ «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն մէջ այնպիսի մարդ մը կամ կին մը գտնուի, որ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ չարութիւն ընելով ու անոր ուխտը չպահելով Իմ հրամանիս հակառակ՝ երթայ ուրիշ աստուածներու, արեգակին կամ լուսնին եւ կամ երկնքի ոեւէ զարդի ծառայութիւն ու երկրպագութիւն ընէ Եւ այս բանը քեզի պատմուի, դուն լսելէդ ետքը աղէկ մը քննութիւն ըրէ՛ եւ եթէ ճշմարիտ ու ստոյգ ըլլայ, որ Իսրայէլի մէջ այնպիսի պղծութիւն մը եղած է, Այն ատեն այս չարութիւնը ընող մարդը կամ կինը քաղաքէն հանէ՛ եւ քարկոծելով մեռցուր։ Այն մահապարտը երկու կամ երեք վկայութեամբ կրնայ մեռցուիլ, մէկ վկայութեամբ պէտք չէ մեռցուի։ Զանիկա մեռցնելու համար, առաջ վկաներուն ձեռքը անոր վրայ թող ըլլայ ու անկէ ետքը՝ բոլոր ժողովուրդին ձեռքը։ Այս կերպով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցո՛ւր։ «Երբ զանազան տեսակ արիւնահեղութիւններու, դատերու կամ վէրքերու վրայով՝ ՝ քու քաղաքներուդ մէջ եղած վէճերուն վճիռ արձակելը խիստ դժուար երեւնայ քեզի, այն ատեն ելիր եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը գնա՛ Ու Ղեւտացի քահանաներուն եւ այն ժամանակի դատաւորներուն մօտենալով խորհուրդ հարցուր։ Անոնք դատարանին վճիռը քեզի թող ըսեն։ Այն ատեն այն վճիռին համեմատ Տէրոջը ընտրած տեղը եւ ինչ որ քեզմէ կը պահանջեն պէտք է կատարես եւ զգուշութեամբ գործադրես։ Անոնց քեզի սորվեցուցած օրէնքն ու յայտնած վճիռը պէտք է ընդունիս։ Անոնց յայտնած խօսքէն մի՛ խոտորիր, ո՛չ աջ դին եւ ո՛չ ձախ դին։ Բայց եթէ մէկը յանդգնի ու քու Տէր Աստուծոյդ պաշտամունքին կեցող քահանային կամ դատաւորին խօսքը մտիկ չընէ, այն մարդը պէտք է մեռնի ու չարութիւնը Իսրայէլէն վերցուի։ Որպէս զի բոլոր ժողովուրդը լսելով վախնայ ու անգամ մըն ալ յանդգնուիթւն չունենայ։ «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես ու անոր տիրելով հոն բնակիս ու ըսես՝ ‘Իմ բոլորտիքս եղող ազգերուն պէս ես ալ իմ վրաս թագաւոր մը կ’ուզեմ դնել’, Անպատճառ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած մարդը վրադ թագաւոր դի՛ր. քու եղբայրներէդ մէկը թող թագաւոր ըլլայ. քու եղբայրդ չեղող օտարականը թագաւոր մի՛ ըներ։ Սակայն թագաւորը իրեն համար ձիեր թող չշատցնէ, ո՛չ ալ շատ ձիեր հաւաքելու համար ժողովուրդը Եգիպտոս դարձնէ. որովհետեւ Տէրը ձեզի ըսաւ. ‘Անգամ մըն ալ այն ճամբան մի՛ դառնաք’։ Նաեւ անիկա իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի ու իրեն համար խիստ շատ արծաթ ու ոսկի չհաւաքէ։ Երբ իր թագաւորութեան աթոռը նստի, այս օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը Ղեւտացի քահանաներուն քով եղած օրինակէն ՝ հատ մը թող գրքի մը մէջ գրէ։ Օրինակը իր քով թող պահէ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ. որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ. Որպէս զի իր սիրտը իր եղբայրներուն վրայ չհպարտանայ ու այս պատուիրանքներէն աջ կամ ձախ դին չխոտորի. որպէս զի իր թագաւորութեանը վրայ երկար կեանք մը վայելէ Իսրայէլի մէջ՝ թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր որդիները։ «Ղեւտացի քահանաները, Ղեւիի բոլոր ցեղը, Իսրայէլի հետ բաժին ու ժառանգութիւն պիտի չունենան. Տէրոջը պատարագներն ու անոր ողջակէզները պիտի ուտեն, Քանի որ անոնք իրենց եղբայրներուն մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենան։ Անոնց ժառանգութիւնը Տէրը ինքն է, ինչպէս անոնց ըսաւ։ «Այս պիտի ըլլայ քահանաներուն իրաւունքը։ Երբ ժողովուրդը զոհ մատուցանեն, թէ՛ արջառ ըլլայ եւ թէ՛ ոչխար, թեւը, ծնօտներն ու քաղիրթը քահանային պիտի տրուին։ Քու ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ երախայրիները ու նաեւ ոչխարներուդ առաջին բուրդը անոր պիտի տաս, Վասն զի Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր ցեղերուդ մէջէն զանիկա ընտրեց, որպէս զի միշտ Տէրոջը անուան ծառայութիւն ընեն ինք ու իր որդիները։ «Ու երբ Ղեւտացի մը քու քաղաքներէդ մէկէն՝ այսինքն բոլոր Իսրայէլի մէջ իր պանդխտացած տեղէն՝ ելլէ ու իր սրտին բուռն փափաքովը Տէրոջը ընտրած տեղը գայ, Այն ատեն հոն՝ Տէրոջը առջեւ կեցող բոլոր իր Ղեւտացի եղբայրներուն պէս՝ իր Տէր Աստուծոյն անուան ծառայութիւն ընէ. Ու միւսներուն հետ հաւասար բաժին պէտք է առնէ, իր հօրենական ժառանգութեանը գիներէն՝ ՝ զատ։ «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես, այն ազգերուն գարշելի գործերուն պէս ընել մի՛ սորվիր։ Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ իր տղան կամ աղջիկը կրակէ անցընէ կամ բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. Նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի. Վասն զի ով որ այս բաները ընէ, Տէրոջը առջեւ գարշելի կ’ըլլայ ու այս գարշելի բաներուն համար քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ կը հալածէ զանոնք։ Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կատարեալ եղի՛ր. Վասն զի այն ազգերը, որոնց դուն պիտի տիրես, գուշակներուն ու բաղդ նայողներուն մտիկ կ’ընեն. բայց քու Տէր Աստուածդ քեզի այսպէս ընել չ’արտօներ։ «Քու Տէր Աստուածդ քու եղբայրներուդ մէջէն՝ ՝ ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ քեզի։ Անոր մտիկ ըրէք. Ինչպէս Քորեբ լեռը ժողովին օրը քու Տէր Աստուծմէդ խնդրեցիր՝ ըսելով. ‘Իմ Տէր Աստուծոյս ձայնը անգամ մըն ալ չլսեմ ու այս մեծ կրակը անգամ մըն ալ չտեսնեմ, որպէս զի չմեռնիմ’։ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ըսած խօսքերնին շիտակ է. Քեզի պէս մարգարէ մը պիտի հանեմ անոնց իրենց եղբայրներուն մէջէն եւ իմ խօսքերս անոր բերանը պիտի դնեմ ու ինչ որ անոր պատուիրեմ, անոնց պիտի ըսէ Եւ ով որ մտիկ չընէ խօսքերուս, որոնք անիկա իմ անունովս պիտի խօսի, այն մարդէն ես վրէժս պիտի առնեմ։ Իսկ եթէ մարգարէ մը յանդգնի իմ չպատուիրած խօսքս իմ անունովս ըսել, կամ օտար աստուածներու անունով ըսել, այն մարգարէն պէտք է մեռցուի’։ «Եթէ դուն քու սրտիդ մէջ ըսես թէ ‘Տէրոջը չխօսած բանը ի՛նչպէս գիտնանք’, Եթէ մարգարէ մը Տէրոջը անունովը բան մը ըսէ ու երբ այն բանը իրօք չկատարուի, ըսել է Տէրոջը խօսքը չէր, այլ մարգարէն յանդգնութեամբ ըսեր է։ Անկէ մի՛ վախնար»։ «Երբ քու Տէր Աստուածդ բնաջինջ ընէ այն ազգերը, որոնց երկիրը քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ, դուն զանոնք վռնտէ եւ անոնց քաղաքներուն ու տուներուն մէջ բնակիր, Քեզի երեք քաղաք զատէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ իբր ժառանգութիւն. Քեզի ճամբայ պատրաստէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութեան համար տուած երկրիդ սահմանը երեքի բաժնէ, որպէս զի ամէն մարդասպան հոն փախչի։ «Եւ մարդասպանին հոն փախչելու կանոնը այս է։ Մարդ մը եթէ նախապէս թշնամութիւն չունենալով՝ անգիտակցաբար դրացին մեռցնէ՝ Զոր օրինակ՝ եթէ մէկը իր դրացիին հետ անտառը երթայ փայտ կտրելու համար ու տապարը վերցուցած ատեն երկաթը կոթէն դուրս ցատկելով դրացիին հանդիպի եւ զանիկա մեռցնէ, անիկա պէտք է այս քաղաքներէն մէկը փախչի, որպէս զի ապրի։ Չըլլայ թէ արեան վրէժխնդիրը սիրտը այրելուն համար մարդասպանին ետեւէն իյնայ եւ ճամբան հեռու ըլլալով անոր հասնի ու զանիկա մեռցնէ։ Թէեւ մեռնելու արժանի չէ, քանի որ նախապէս անոր դէմ թշնամութիւն չունէր։ Ասոր համար ես քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ, որ քեզի երեք քաղաք զատես։ «Եթէ քու Տէր Աստուածդ՝ քու հայրերուդ երդում ըրածին պէս՝ քու սահմաններդ ընդարձակէ ու քու հայրերուդ խոստացուած բոլոր երկիրները քեզի տայ եւ եթէ պահես ու կատարես այն բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կ’իմացնեմ եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես ու միշտ անոր ճամբաներուն մէջ քալես, այն ատեն այս երեք քաղաքին վրայ ուրիշ երեք քաղաք ալ պիտի աւելցնեմ, Որպէս զի քու երկրիդ մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի իբր ժառանգութիւն տուաւ, անմեղ արիւն չթափուի ու դուն արեան պարտական չըլլաս։ «Բայց եթէ մարդ մը իր դրացիին դէմ ոխ ունենալով անոր դարանամուտ ըլլայ ու անոր դէմ ելլելով զանիկա զարնէ մեռցնէ ու ետքը այս քաղաքներէն մէկուն մէջ ապաստանելու ըլլայ, Այն ատեն իր քաղաքին ծերերը պէտք է մարդ ղրկեն ու զանիկա անկէ առնեն եւ արեան վրէժխնդրին ձեռքը տան, որպէս զի զայն մեռցնէ։ Քու աչքդ անոր չխնայէ։ Իսրայէլի մէջէն անմեղ արիւնը վերցուր, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։ «Քու կալուածիդ մէջ, որ պիտի ժառանգես քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած երկրին մէջ, չըլլայ որ փոխես քու դրացիիդ սահմանը, որ քու նախահայրերդ հաստատեցին։ «Մարդու մը ոեւէ անօրէնութեան ու մեղքի համար, յանցաւոր ըլլալը հաստատելու համար, մէկ վկայ բաւական մի՛ սեպեր՝ ՝, այլ գոնէ երկու կամ երեք վկաներով պէտք է հաստատուի ամէն բան։ «Եթէ մարդու մը դէմ սուտ վկայ մը ելլէ անոր անօրէնութիւնը հաստատելու համար, Այն ատեն այն երկու մարդիկը, որոնց մէջտեղ այս հակառակութիւնը կայ, Տէրոջը առջեւ ու այն ժամանակի քահանաներուն ու դատաւորներուն առջեւ պէտք է կենան. Դատաւորները աղէկ մը պէտք է քննեն եւ եթէ այդ վկային սուտ վկայութիւն ըրած ըլլալը հաստատուի, Այն ատեն, ինչպէս անիկա իր եղբօրը ընել խորհեցաւ, նոյնը ըրէք իրեն, այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք, Որպէս զի ուրիշներն ալ լսելով վախնան եւ անգամ մըն ալ ձեր մէջ այնպիսի գէշ բան մը չտեսնուի։ Քու աչքդ չխնայէ. անձի տեղ՝ անձ, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ, ձեռքի տեղ՝ ձեռք ու ոտքի տեղ ոտք պիտի տրուի »։ «Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմելու ելլես ու ձիեր եւ կառքեր ու քեզմէ շատուոր ժողովուրդ տեսնես, անոնցմէ մի՛ վախնար. վասն զի քեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանող քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ է։ Երբ ստիպուիս պատերազմիլ, քահանան ներկայանալով՝ ժողովուրդին պիտի խօսի Ու անոնց ըսէ. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ։ Այսօր դուք ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու կը ստիպուիք։ Սրտերնիդ թող չթուլնայ։ Մի՛ վախնաք, մի՛ զարհուրիք ու անոնց երեսէն մի՛ դողաք. Վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ձեզի հետ պիտի երթայ, ձեզի համար՝ ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու եւ ձեզ ազատելու’։ «Այն ատեն ոստիկանները ժողովուրդին խօսելով՝ պիտի ըսեն. ‘Ով որ նոր տուն շիներ է ու անոր նաւակատիքը չէ ըրեր, թող իր տունը դառնայ, չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի եւ ուրիշ մէկը նաւակատիքը ընէ։ Ով որ այգի տնկեր է ու անոր պտուղէն դեռ չէ կերած, թող իր տունը դառնայ. չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի ու անոր առաջին պտուղը ուրիշ մը ուտէ։ Եւ ով որ կնոջ մը նշանուած է ու զանիկա չէ առած, թող իր տունը դառնայ, չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի ու զանիկա ուրիշ մարդ մը առնէ’։ Ոստիկանները իրենց խօսքը շարունակելով պիտի ըսեն ժողովուրդին. ‘Ով որ վախկոտ ու թուլասիրտ է, թող իր տունը դառնայ. չըլլայ որ իր եղբայրներուն սիրտն ալ իր սրտին պէս թուլցնէ’։ Երբ ոստիկանները ժողովուրդին առջեւ իրենց խօսքը լմնցնեն, ժողովուրդին վրայ զօրապետներ թող կարգեն՝ ՝։ «Երբ քաղաքի մը մօտենաս անոր հետ պատերազմելու համար, անոր խաղաղութիւն առաջարկէ։ Եթէ խաղաղութիւնը ընդունի ու դռները քեզի բանայ, մէջը գտնուած բոլոր ժողովուրդը քեզի հարկատու ըլլան ու քեզի ծառայութիւն ընեն։ Բայց եթէ քեզի հետ խաղաղութիւն ընել չուզէ ու պատերազմ ընէ, այն ատեն զանիկա պաշարէ՛ Ու երբ քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ մատնէ զանիկա, անոր բոլոր արուները սուրի բերնէ անցո՛ւր։ Բայց կիները, տղաքներն ու անասունները եւ ինչ որ կայ այն քաղաքին մէջ, անոր բոլոր աւարը, քեզի համար ա՛ռ եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի մատնած քու թշնամիներուդ աւարը կե՛ր։ Այսպէս ըրէ՛ քեզմէ խիստ հեռու եղող ամէն քաղաքի, որոնք այս ազգերուն քաղաքներէն չեն։ Սակայն քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած ազգերուն քաղաքներուն մէջ՝ բնաւ շունչ ունեցող մը ողջ մի՛ թողուր. Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները բոլորովին կորսնցո՛ւր, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց. Որպէս զի ձեզի չսորվեցնեն իրենց բոլոր գարշելի գործերը, ինչպէս անոնք իրենց աստուածներուն կ’ընեն ու դուք Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջեւ մեղք չգործէք։ «Երբ քաղաքի մը հետ պատերազմիս ու զանիկա առնելու համար երկար ժամանակ պաշարելու ըլլաս, անոր ծառերուն տապար մի՛ զարներ ու զանոնք մի՛ կտրեր, վասն զի անոնցմէ պիտի ուտես, ուրեմն զանոնք մի՛ կտրեր. քանզի դաշտին ծառը մա՞րդ է, որ քեզ պաշարէ՝ ՝։ Բայց այն ծառերը, որոնք գիտես թէ ուտուելու պտուղ չեն բերեր, զանոնք աւերէ ու կտրէ եւ քեզի հետ պատերազմող քաղաքին առջեւ անոնցմով պատնէշներ շինէ՛, մինչեւ որ զայն նուաճես»։ «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած երկրին մէջ դաշտի վրայ ինկած ու մեռցուած մարդ մը գտնուի բայց զանիկա զարնողը չգիտցուի, Այն ատեն քու ծերերդ ու դատաւորներդ թող ելլեն եւ մեռցուած մարդուն եղած տեղէն մինչեւ շրջակայ քաղաքները չափեն Ու մօտակայ քաղաքին ծերերը արջառներէն չգործածուած ու լուծի տակ չմտած երինջ մը առնեն Եւ այն քաղաքին ծերերը երինջը չհերկուած ու չցանուած ապառաժուտ ձոր մը իջեցնեն ու այն ձորին մէջ երինջին վիզը կտրեն։ Ղեւիի որդիները՝ քահանաները՝ մօտենան, վասն զի քու Տէր Աստուածդ զանոնք ընտրեց իրեն ծառայութիւն ընելու ու Տէրոջը անունովը օրհնելու համար եւ ամէն վէճ ու ամէն հակառակութիւն անոնք թող դատեն։ Այն մեռցուածին մօտ եղող քաղաքին բոլոր ծերերը ձորին մէջ վիզը կտրուած երինջին վրայ ձեռքերնին թող լուան Եւ վկայեն՝ ըսելով. «Մեր ձեռքերը չթափեցին այս արիւնը ու մեր աչքերը չտեսան։ Ո՛վ Տէր, քաւէ քու Իսրայէլ ժողովուրդդ, որ դուն փրկեցիր ու անմեղ արիւնը քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ մի՛ սեպեր»։ Այսպէս այն արեանը համար քաւութիւն պիտի ըլլայ անոնց, Իսկ դուն Տէրոջը առջեւ ուղիղ եղածը ընելով՝ անմեղ արեան համար անպարտ պիտի ըլլաս։ «Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմի ելլես եւ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ ու անոնցմէ գերիներ առնես Եւ գերիներուն մէջէն գեղեցիկ տեսքով կին մը տեսնես ու զանիկա սիրելով ուզես հետը ամուսնանալ, Զանիկա քու տունդ տար, անոր գլուխը ածիլէ ու եղունգները կտրէ, Անոր վրայէն գերութեան լաթերը հանէ ու քու տունդ թող նստի, ամբողջ ամիս մը իր հօրն ու մօրը համար թող լայ. անկէ յետոյ անոր մօտեցիր եւ դուն անոր այրը եղիր, ան ալ՝ քու կինդ։ Եթէ անկէ գոհ չըլլաս, զանիկա ազատ արձակէ՛. բայց բնաւ մի՛ ծախեր, ո՛չ ալ իբր ծառայ աշխատցուր, որովհետեւ լլկեցիր զանիկա։ «Եթէ մարդ մը երկու կին ունենայ ու մէկը սիրելի եւ միւսը ատելի ըլլայ ու սիրելին եւ ատելին ալ անոր զաւակներ ծնանին եւ եթէ անդրանիկ զաւակը ատելի կնոջմէն ծնած է, Իր ստացուածքը որդիներուն բաժնելու օրը իրաւունք չունի սիրելիին զաւակը անդրանիկ նկատել ու ատելիէն ծնած անդրանիկը երեսէ ձգել. Հապա ատելիին զաւակը անդրանիկ նկատելով՝ բոլոր իր ձեռքը գտնուածէն երկու բաժին անոր պէտք է տայ. վասն զի իր զօրութեանը սկիզբը անիկա է։ Անդրանկութեան իրաւունքը անոր կը պատկանի։ «Եթէ մարդ մը ստամբակ ու անհնազանդ տղայ մը ունենայ, որ իր հօրն ու մօրը խօսքին բնաւ մտիկ չըներ ու երբ զանիկա խրատեն անոնց չհնազանդիր, Այն ատեն անոր հայրն ու մայրը զանիկա բռնելով, քաղաքին ծերերուն ու անոր բնակած տեղին դուռը պէտք է հանեն Եւ քաղաքին ծերերուն ըսեն. ‘Այս մեր տղան ստամբակ ու անհնազանդ է, մեր խօսքին մտիկ չըներ, որկրամոլ ու գինեմոլ է’. Այն ատեն անոր քաղաքին բոլոր մարդիկը քարերով քարկոծեն զանիկա, որպէս զի մեռնի ու չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուի եւ բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնան։ «Երբ մարդ մը մահու արժանի մեղք մը գործէ, զանիկա մեռցնելու համար ծառէ մը կախէ, Անոր մարմինը ծառին վրայ գիշերը պէտք չէ մնայ, հապա նոյն օրը անպատճառ պէտք է թաղուի. վասն զի կախուածը Աստուծոյ անիծածն է, ուստի մի՛ պղծեր այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ ժառանգելու համար»։ «Երբ տեսնես որ եղբօրդ եզը կամ ոչխարը իր ճամբայէն խոտորեր է, զանոնք անտես մի՛ ըներ. անպատճառ զանոնք քու եղբօրդ դարձուր։ Բայց եթէ քու եղբայրդ քեզի մօտ չէ, կամ զանիկա չես գտներ, այն ատեն քու տունդ տար զայն ու մինչեւ քու եղբայրդ զանիկա փնտռէ, քու քովդ թող մնայ, յետոյ զանիկա անոր դարձուր։ Անոր իշուն ալ, զգեստին ալ, նաեւ եղբօրդ ոեւէ կորսուած բան, որ դուն կը գտնես, նոյնպէս ըրէ։ Չըլլայ որ զանոնք անտես ընես։ «Երբ տեսնես որ եղբօրդ էշը կամ եզը ճամբուն վրայ ինկեր է, անտարբեր մի՛ ըլլար, անպատճառ օգնէ՛ անոր ու վերցո՛ւր։ «Կնոջ մը վրայ այր մարդու հագուստ թող չըլլայ ու այր մարդը կնոջ հագուստ պէտք չէ հագնի. քանզի ով որ ասոնք ընէ, քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ կ’ըլլայ։ «Եթէ ճամբան ծառի մը վրայ ձագերով կամ հաւկիթներով թռչունի մը բոյնին հանդիպիս ու մայրը ձագերուն կամ հաւկիթներուն վրայ նստած ըլլայ, մայրը իր ձագերով մէկտեղ մի՛ առներ։ Անպատճառ մայրը արձակէ ու ձագերը առ։ Որպէս զի աղէկ ըլլայ քեզի ու կեանքդ երկայն ըլլայ։ «Նոր տուն շինած ատենդ տանիքիդ չորս կողմը շրջապատ մը շինէ, որպէս զի չըլլայ թէ մէկը անկէ վար իյնայ ու քու տունդ արեան պարտական ըլլայ։ «Այգիիդ մէջ այլեւայլ սերմեր մի՛ ցաներ, որպէս զի ցանած սերմիդ արդիւնքը ու այգիիդ բերքը չպղծուին։ Եզ մը ու էշ մը մէկտեղ երկիր հերկելու մի՛ գործածեր։ «Բուրդով ու քթանով գործուած այլայլախառն հանդերձ մի՛ հագնիր։ «Հագած հանդերձիդ չորս ծայրը ծոպեր շինէ։ «Եթէ մարդ մը կին առնէ ու անոր մօտենալէն ետքը զանիկա ատէ Եւ անոր վրայ զրպարտութեան խօսքեր դնելով անոր անունը գէշ հանէ ու ըսէ. ‘Ես այս կինը առի, բայց երբ անոր մօտեցայ, անոր վրայ կուսութիւն չգտայ’. Այն ատեն աղջկան հայրն ու մայրը աղջկան կուսութեան նշանը առնեն եւ դուռը հանեն քաղաքին ծերերուն առջեւ։ Աղջկան հայրը ծերերուն պիտի ըսէ. ‘Իմ աղջիկս այս մարդուն կին տուի ու ատելով զանիկա, Ահա անոր վրայ զրպարտութիւն կ’ընէ, ըսելով թէ Ես քու աղջկադ վրայ կուսութիւն չգտայ. բայց ահա իմ աղջկանս կուսութեան նշանը ’։ Եւ լաթը քաղաքին ծերերուն առջեւ պիտի փռէ։ Ետքը այն քաղաքին ծերերը այն ամուսինը առնեն ու զանիկա պատժեն Եւ Իսրայելացի կոյս աղջկան անունը անպատուելուն համար անկէ հարիւր սիկղ արծաթ տուգանք առնեն ու աղջկան հօրը տան, բայց աղջիկը դարձեալ մարդուն կինը պիտի ըլլայ իր բոլոր կեանքին մէջ։ Մարդը իրաւունք չունի զանիկա արձակելու։ Բայց եթէ ստոյգ ըլլայ ըսուածը ու աղջկան վրայ կուսութիւն չէ գտնուեր, Այն ատեն աղջիկը հանեն իր հօրը տանը դրան առջեւ ու քաղաքին մարդիկը պէտք է քարկոծեն զանիկա, որպէս զի մեռնի. որովհետեւ Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ընելով իր հօրը տունը պոռնկութիւն ըրեր է։ Այս կերպով չարութիւնը ձեր մէջէն պէտք է վերցուի։ «Եթէ մէկը այր ունեցող կնոջ մը հետ պառկած գտնուի, այն ատեն երկուքն ալ պիտի մեռցուին, թէ՛ այն կնոջ հետ պառկող մարդը եւ թէ՛ այն կինը ու Իսրայէլէն չարութիւնը վերցուի։ «Եթէ կոյս աղջիկ մը մարդու մը նշանուած ըլլայ ու ուրիշ մարդ մը քաղաքին մէջ գտնելով զանիկա՝ անոր հետ պառկի, Երկուքն ալ այն քաղաքին դուռը պէտք է հանէք ու զանոնք քարկոծէք, որպէս զի մեռնին։ Աղջիկը՝ քանզի քաղաքին մէջ գտնուելով չկանչուըռտեց եւ մարդը՝ քանզի ուրիշին նշանածը լլկեց։ Այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուի։ «Բայց եթէ մարդ մը նշանուած աղջիկ մը դաշտի մէջ գտնէ ու զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի, այն ատեն անոր հետ հետ պառկող մարդը միայն մեռցուի։ Աղջկան բան մը մի՛ ըներ. աղջիկը մահու արժանի յանցանք մը չունի. վասն զի ինչպէս մէկը իր դրացիին վրայ կը յարձակի ու զանիկա կը մեռցնէ, այս դիպուածն ալ այնպէս է։ Քանզի դաշտ էր ու թէեւ նշանուած աղջիկը կանչուըռտեց, բայց զինք ազատող մը չեղաւ։ «Եթէ մարդ մը նշանուած կոյս աղջիկ մը գտնէ եւ զանիկա բռնադատելով անոր հետ պառկի ու բանը իմացուի՝ ՝, Այն ատեն անոր հետ պառկող մարդը աղջկան հօրը յիսուն սիկղ արծաթ պիտի տայ ու աղջիկը իբր կին պիտի առնէ, քանի որ լլկեց զանիկա։ Իր բոլոր կեանքին մէջ զանիկա արձակելու իրաւունք պիտի չունենայ։ «Չըլլայ թէ մարդ մը իր խորթ մայրը առնէ ու իր հօրը քղանցքը բանայ»։ «Ամորձիքը ճզմուած կամ կտրուած մարդը Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնէ։ Պոռնկորդին ալ Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնէ, նոյնպէս անոր զաւակը ՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը։ «Ամմոնացին ու Մովաբացին Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնեն յաւիտեանս անոնց զաւակն ալ՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը, Քանզի երբ դուք Եգիպտոսէն ելաք, ճամբուն մէջ հացով ու ջրով ձեզ դիմաւորեցին ու Միջագետքի Փաթուր քաղաք էն Բէովրի որդին Բաղաամը վարձքով բերել տուին, որպէս զի քեզ անիծէ. Բայց քու Տէր Աստուածդ չուզեց Բաղաամին մտիկ ընել, հապա քու Տէր Աստուածդ անէծքը քեզի օրհնութեան դարձուց, որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ քեզ սիրեց։ Քու բոլոր կեանքիդ մէջ անոնց խաղաղութիւնն ու աղէկութիւնը մի՛ կամենար յաւիտեան։ «Չըլլայ որ Եդովմայեցին ատես, քանզի անիկա քու եղբայրդ է։ Եգիպտացին ալ չատես, քանզի անոր երկրին մէջ պանդուխտ էիր. Ասոնց ծնած զաւակներուն միայն երրորդ ազգը Տէրոջը ժողովարանը թող մտնեն։ «Երբ թշնամիներուդ դէմ բանակով երթաս, ամէն չար բանէ զգուշացի՛ր։ Եթէ ձեր մէջ մարդ մը երազափորձութեան պատճառաւ մաքուր չէ, թող բանակէն դուրս ելլէ ու բանակին մէջ չմտնէ Եւ իրիկունը ջրով լուացուի ու արեւը մարը մտածին պէս բանակին մէջ մտնէ։ Բանակէն դուրս տեղ մը ունեցիր, որպէս զի հոն դուրս ելլես։ Զէնքերուդ մէջ ցից մը ունեցիր, որպէս զի երբ դուրսը նստելու ըլլաս, անով փորես ու դուրս տրուածը ծածկես։ Քանզի քու Տէր Աստուածդ, քեզ ազատելու համար ու քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնելու համար, քու բանակիդ մէջ կը քալէ. ուստի քու բանակդ մաքուր ըլլալու է, որպէս զի անիկա քու վրադ աղտեղութիւն մը տեսնելով քեզմէ չհեռանայ։ «Եթէ ծառայ մը իր տիրոջմէն փախչելով քու քովդ ապաստանի, իր տիրոջը ձեռքը մի՛ մատներ։ Թող քեզի հետ բնակի իր հաւնած տեղը քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, ուր ինք կ’ուզէ եւ զանիկա մի՛ նեղեր։ «Իսրայէլի աղջիկներէն բոզ չըլլայ ու Իսրայէլի տղոցմէն իգացեալ չըլլայ։ Ոեւէ ուխտի համար բոզի վարձքը կամ չունի գինը քու Տէր Աստուծոյդ տունը մի՛ տանիր. քանզի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երկուքն ալ պիղծ են։ «Ստակը կամ ուտելիքը եւ կամ ոեւէ բան որ շահով կրնայ տրուիլ, քու եղբօրդ շահով մի՛ տար։ Օտարականէն շահ ա՛ռ, բայց քու եղբօրմէդ շահ մի՛ առներ, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քու ամէն ձեռք զարկած գործերուդ մէջ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնես զանիկա ժառանգելու համար։ «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ ուխտ մը ընես, առանց ուշացնելու կատարէ, քանզի քու Տէր Աստուածդ անպատճառ զանիկա քեզմէ պիտի պահանջէ ու մեղքի տէր պիտի ըլլաս. Բայց եթէ ուխտ ընել չուզես, այն քեզի մեղք չըլլար։ Ինչ որ բերնովդ կը խոստանաս ու քու կամքովդ քու Տէր Աստուծոյդ կ’ուխտես, քու շրթունքներէդ ելածը զգուշութեամբ կատարէ՛։ «Երբ քու դրացիիդ այգին մտնես, ուզածիդ չափ խաղող կե՛ր ու կշտացի՛ր, բայց ամանիդ մէջ մի՛ դներ։ Երբ քու դրացիիդ հունձքին մէջ մտնես, ձեռքովդ հասկերը փրցուր, բայց դրացիիդ հունձքին մանգաղ մի՛ զարներ»։ «Եթէ մէկը կին մը առնէ ու ամուսնանայ եւ անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնելուն համար անիկա իր աչքին հաճոյ չըլլայ, այն ատեն անոր արձակման թուղթ մը թող գրէ ու անոր ձեռքը տայ եւ իր տունէն ճամբէ։ Երբ կինը անոր տունէն ելլելով երթայ ուրիշի մը հետ ամուսնանայ, Եթէ երկրորդ այրն ալ զանիկա ատելով արձակման թուղթ մը գրէ ու անոր ձեռքը տալով՝ իր տունէն ճամբէ, կամ եթէ երկրորդ ամուսինը մեռնի, Առաջին ամուսինը, որ զանիկա ճամբեր էր, պէտք չէ դարձեալ անոր հետ ամուսնանայ, անոր պղծուելէն ետքը. քանզի Տէրոջը առջեւ պղծութիւն է այս բանը։ Այսպէս դուն մեղքով մի՛ լեցներ այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ։ «Նոր ամուսնացած մարդը պատերազմի պէտք չէ երթայ ու անոր ոեւէ պաշտօն պէտք չէ տրուի. տարի մը իր տանը մէջ ազատ թող նստի ու իր կինը ուրախացնէ։ «Չըլլայ որ մարդ մը աղօրիքը կամ անոր վերի քարը գրաւ առնէ. քանզի իր ընկերին կեանքը գրաւ առած կ’ըլլայ։ «Եթէ մարդ մը գտնուի, որ իր եղբայրներէն, այսինքն Իսրայէլի որդիներէն, մէկը գողնալով զանիկա ծառայ դարձնէ կամ ծախէ, այդ մարդը իբր գող թող մեռնի ու ձեր մէջէն չարութիւնը վերցուի։ «Բորոտութեան ախտին համար զգուշութիւն ըրէք, Ղեւտացի քահանաներուն բոլոր ձեզի սորվեցուցած բաները ճշդիւ պահեցէ՛ք եւ ըրէ՛ք. ինչ որ անոնց պատուիրեր եմ զգուշութեամբ գործադրեցէ՛ք։ Միտքդ բեր ինչ որ քու Տէր Աստուածդ Մարիամին ըրաւ ճամբուն մէջ՝ Եգիպտոսէն ելած ատեննիդ։ «Երբ քու դրացիիդ բան մը փոխ տաս, գրաւն առնելու համար անոր տունը մի՛ մտներ. Դուրսը կայնէ ու փոխ առնող մարդը գրաւը թող դուրս բերէ։ Եթէ այն մարդը աղքատ է, անոր գրաւովը մի՛ պառկիր. Արեւը մտածին պէս անպատճառ անոր գրաւը ետ դարձո՛ւր, որպէս զի անիկա իր հանդերձովը պառկի ու քեզ օրհնէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ այս բանը քեզի արդարութիւն պիտի սեպուի։ «Աղքատ ու կարօտ վարձկանին զրկանք մի՛ ըներ, ան քու եղբայրներէդ եւ կամ քու երկրիդ օտարականներէն ալ ըլլայ։ Նոյն օրը արեւը չմտած անոր վարձքը հատուցանէ, քանզի անիկա աղքատ է ու անոր խելքը միտքը անոր վրայ է։ Չըլլայ թէ քեզի համար Տէրոջը բողոքէ ու մեղքի տեր ըլլաս։ «Տղոց յանցանքին համար հայրերը մի՛ մեռցնէք ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք։ Ամէն մարդ իր յանցանքին համար պէտք է մեռցուի։ «Օտարականին ու որբին իրաւունքը մի՛ ծռեր ու որբեւարիին հանդերձը գրաւ մի՛ առներ։ Միտքդ բեր թէ դուն ալ Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ ազատեց։ Անոր համար ես քեզի այս պատուէրը կու տամ։ «Երբ քու արտդ հնձես ու արտին մէջ որայ մը մոռցած ըլլաս, զանիկա առնելու համար ետ մի՛ դառնար, անիկա օտարականին, որբին ու որբեւարիին թող մնայ. որպէս զի քու Աստուածդ քու ձեռքերուդ ամէն գործի մէջ քեզ օրհնէ։ Ձիթենիդ թօթուելէդ ետքը վրան մնացածները ոստէ ոստ մի՛ փնտռեր. անիկա օտարականին, որբին ու որբեւարիին թող մնայ։ Այգիիդ խաղողները քաղելէդ ետքը ճռաքաղ մի՛ ըներ, անիկա օատարականին, որբին ու որբեւարիին թող ըլլայ։ Միտքդ բեր թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր։ Ատոր համար ես քեզի այս պատուէրը կու տամ»։ «Երբ մարդոց մէջ վէճ մը ըլլայ եւ դատարան երթան, դատաւորները անոնց դատը մտիկ ընելով իրաւունք ունեցողը պէտք է արդարացնեն ու յանցաւորը դատապարտեն։ Յանցաւորը եթէ ծեծի արժանի է, դատաւորը զանիկա պառկեցնէ ու անոր յանցանքին համեմատ իր առջեւ ծեծել տայ զանիկա, որոշուած թուով հարուած տալով։ Քառասունէ աւելի զարնել մի՛ տար. չըլլայ թէ ասկէ աւելի զարնելով՝ եղբայրդ քու աչքի առջեւ անարգուի։ «Կալի մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր։ «Երբ եղբայրներ մէկտեղ բնակին ու անոնցմէ մէկը առանց զաւակի մեռնի, մեռնողին կինը դուրսը օտար մարդու հետ թող չկարգուի, այլ տագրը անոր հետ թող ամուսնանայ ու տագրութեան պարտաւորութիւնը անոր հատուցանէ։ Անոր ծնած անդրանիկ տղան թող մեռնող եղբօրը անունովը կոչուի, որ անոր անունը Իսրայէլէն չջնջուի։ Եթէ այն մարդը իր հարսը առնել չուզէ այն ատեն հարսը թող դիմէ ծերերուն ու ըսէ. «Իմ տագրս Իսրայէլի մէջ իր եղբօրը անունը հաստատելէն կը հրաժարի. տագրութեան պարտաւորութիւնը ինծի հատուցանել չուզեր»։ Այն ատեն անոր քաղաքին ծերերը զանիկա թող կանչեն ու անոր խօսին եւ եթէ անիկա հաստատ կենալով ըսէ՝ ‘Ասիկա չեմ ուզեր առնել’, Այն ատեն հարսը անոր թող մօտենայ ծերերուն առջեւ եւ անոր ոտքէն կօշիկը հանէ ու անոր երեսը թքնէ եւ ըսէ. ‘Իր եղբօրը տունը շինել չուզող մարդուն այսպէս պէտք է ըլլայ’։ Անոր անունը՝ Իսրայէլի մէջ՝ ‘Կօշիկը հանուած մարդուն տունը’ թող կոչուի։ «Երբ երկու մարդիկ իրարու հետ ծեծկուին եւ մէկուն կինը՝ զարնողին ձեռքէն իր այրը ազատելու համար մօտենայ ու ձեռքը երկնցնելով անոր ամօթոյքը բռնէ, Այն ատեն անոր ձեռքը կտրէ եւ քու աչքդ բնաւ անոր չխնայէ։ «Մախաղիդ մէջ տեսակ տեսակ մեծ ու պզտիկ կշիռքի քարեր մի՛ պահեր։ Տանդ մէջ տեսակ տեսակ մեծ ու պզտիկ արդուներ մի՛ պահեր։ Քու կշիռքիդ քարը լման ու ճշգրիտ ըլլայ, քու արդուդ լման ու ճշգրիտ ըլլայ, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ։ Քանզի այս բաները ընողը, կամ ոեւէ անիրաւութիւն ընողը քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ է։ «Եգիպտոսէն ելած ատենդ ճամբան Ամաղէկին քեզի ըրածը միտքդ բեր. Ճամբուն մէջ ի՛նչպէս քեզ դիմաւորեց եւ քու ետեւէդ եկող բոլոր տկարները կոտորեց, երբ դուն նուաղեալ ու յոգնած էիր ու Աստուծմէ չվախցաւ, Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր շրջակայ թշնամիներէդ քեզ հանգստացնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ, որպէս զի անոր տիրես, այն ատեն Ամաղէկի յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին վերցո՛ւր։ Չըլլայ որ մոռնաս»։ «Երբ մտնես այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ եւ զանիկա ժառանգես ու հոն բնակիս, Այն ատեն երկրին բոլոր պտուղներուն երախայրիներէն ա՛ռ, որոնք քու Տէր Աստուածդ քեզի տուած երկրէն հաւաքեր ես ու կողովի մը մէջ դնելով տար այն տեղը, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար Եւ այն օրուան քահանային գնա՛ ու ըսէ՛. ‘Ես այսօր քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կը յայտարարեմ, թէ ես մտայ այն երկիրը, որուն համար Տէրը մեր հայրերուն երդում ըրեր էր մեզի տալու’։ Յետոյ քահանան կողովը քու ձեռքէդ առնելով՝ զանիկա քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին առջեւ թող դնէ։ Դուն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պատասխան տալով պիտի ըսես. ‘Իմ հայրս թափառական Ասորի մըն էր, Եգիպտոս իջաւ, քանի մը հոգիով հոն հաստատուեցաւ, յետոյ մեծ, զօրաւոր ու շատուոր ազգ մը եղաւ։ Եգիպտացիները մեզ չարչարեցին, մեզ նեղեցին եւ իբր գերի աշխատցուցին։ Մենք՝ մեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն աղաղակեցինք։ Տէրը մեր ձայնը լսելով մեր նեղութիւնը, աշխատութիւնը ու մեզի եղած զրկանքը տեսաւ Եւ Տէրը զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով, մեծ սարսափներով, նշաններով ու հրաշքներով մեզ Եգիպտոսէն հանեց Եւ այս տեղը բերաւ ու մեզի այս երկիրը՝ կաթ ու մեղր բղխող երկիրը՝ տուաւ։ Արդ, ո՛վ Տէր, ինծի տուած երկրիդ պտուղներուն երախայրիները քեզի բերի՛։ Զանոնք քու Տէր աստուծոյդ առջեւ դնելով՝ Տէր Աստուծոյդ առջեւ երկրպագութիւն ըրէ՛ Եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ու տանդ տուած բոլոր բարիքներովը ուրախացէ՛ք դուն ալ, Ղեւտացին ալ եւ ձեր մէջ եղող օտարականն ալ։ «Երրորդ տարին տասանորդի տարի ըլլալով, երբ դուն քու արդիւնքներուդ բոլոր տասանորդները զատես լմնցնես, զանոնք Ղեւտացիին, օտարականին, որբին ու որբեւարիին տո՛ւր, որպէս զի անոնք ալ քու քաղաքներուդ մէջ ուտեն ու կշտանան։ Այն ատեն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ըսէ՛. ‘Սուրբ եղած բանը բոլորովին տունէս հանեցի եւ քու բոլոր հրամայած պատուիրանքներուդ համեմատ զանիկա Ղեւտացիին, օտարականին, որբին ու որբեւարիին տուի։ Քու պատուիրանքներդ զանց չըրի ու զանոնք չմոռցայ։ Սուգի օրերուն մէջ անկէ չկերայ ու անմաքուր բանի մը չգործածեցի եւ անկէ մեռելի համար չտուի. իմ Տէր Աստուծոյս խօսքին մտիկ ըրի. ինծի ինչ որ պատուիրեցիր, անոր համեմատ ըրի։ Նայէ՛ երկնքէն՝ քու սուրբ բնակարանէդ եւ օրհնէ քու Իսրայէլ ժողովուրդդ ու այն երկիրը, որ տուիր մեզի, ինչպէս մեր հայրերուն երդում ըրած էիր, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի՛։ «Այսօր քու Տէր Աստուածդ քեզի կը պատուիրէ որ այս կանոններն ու օրէնքները գործադրես, ուստի բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ պահէ՛ ու կատարէ զանոնք։ Դուն այսօր Տէրոջը խօսք կու տաս, որպէս զի անիկա քեզի Աստուած ըլլայ, դուն անոր ճամբաներուն մէջ քալես եւ անոր կանոնները, պատուիրանքներն ու օրէնքնէրը պահես, խօսքին մտիկ ընես. Տէրն ալ այսօր քեզի խօսք կու տայ, որ դուն իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս, ինչպէս քեզի խոստացած էր։ Եթէ անոր բոլոր պատուէրները պահես, Ան ալ իր բոլոր ստեղծած ազգերէն գերազանց պիտի ընէ քեզ գովութիւնով, համբաւով ու փառքով, որպէս զի սուրբ ժողովուրդ մը ըլլաս քու Տէր Աստուծոյդ՝ իր ըսածին պէս»։ Մովսէս՝ Իսրայէլի ծերերուն հետ՝ ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Պահեցէ՛ք այն բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը յայտնեմ։ Յորդանանէն քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը անցած օրդ՝ քեզի մեծ քարեր կանգնեցո՛ւր ու զանոնք կիրով ծեփէ՛։ Այս օրէնքին բոլոր խօսքերը անոնց վրայ գրէ՛, երբ անցնիս ու մտնես այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի ըսաւ։ Ուստի երբ Յորդանանէն անցնիս, այս օրուան քեզի պատուիրածիս պէս՝ այս քարերը Գեբաղ լերան վրայ կանգնեցո՛ւր ու զանոնք կիրով ծեփէ՛։ Հոն քու Տէր Աստուծոյդ սեղան մը շինէ՛, քարերէ շինուած սեղան մը. անոնց վրայ երկաթ մի՛ դպցներ։ Այլ քու Տէր Աստուծոյդ սեղանը ամբողջ քարերէ շինէ՛, որպէս զի անոր վրայ քու Տէր Աստուծոյդ զոհեր մատուցանես։ Խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով, հոն կե՛ր ու քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուրախացիր։ Այս օրէնքին բոլոր խօսքերը քարերուն վրայ խիստ պարզ կերպով մը գրէ՛»։ Մովսէս Ղեւտացի քահանաներուն հետ բոլոր Իսրայէլին խօսելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլ, լուռ կեցիր ու մտիկ ըրէ՛. Դուն այսօր քու Տէր Աստուծոյդ ժողովուրդը եղար. Ուստի քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին մտիկ ընելով գործադրէ՛ անոր պատուիրանքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ»։ Նոյն օրը Մովսէս ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Երբ Յորդանանէն անցնիք, ժողովուրդը օրհնելու համար Գարիզին լերան վրայ հետեւեալները թող կայնին՝ Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար, Յովսէփ ու Բենիամին։ Իսկ անէծքի համար Գեբաղ լերան վրայ հետեւեալները թող կայնին՝ Ռուբէն, Գադ, Ասեր, Զաբուղոն, Դան ու Նեփթաղիմ»։ Եւ Ղեւտացիները Իսրայէլի բոլոր մարդոցը հետ խօսելով՝ բարձր ձայնով թող ըսեն. «Անիծեալ ըլլայ ա՛յն մարդը՝ որ արուեստաւորի ձեռագործ ու Տէրոջը առջեւ պիղծ սեպուող փորուած կամ ձուլածոյ կուռք կը շինէ ու գաղտուկ տեղ մը կը դնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով՝ «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօրը կամ մօրը դէմ հայհոյութիւն կ’ընէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր դրացիին սահմանը կը փոխէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ կոյրը իր ճամբայէն կը խոտորեցնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ պանդուխտին, որբին ու որբեւարիին իրաւունքը կը ծռէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր խորթ մօրը հետ կը պառկի. քանզի իր հօրը քղանցքը կը բանայ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ ոեւէ անասունի հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր հօրը աղջիկը կամ իր մօրը աղջիկը եղող իր քրոջ հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ իր զոքանչին հետ կը պառկի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ան, որ իր դրացին գաղտուկ կը մեռցնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ անմեղ մարդ մը մեռցնելու համար կաշառք կ’առնէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Անիծեալ ըլլայ ա՛ն՝ որ այս օրէնքին բոլոր խօսքերուն մէջ չի կենար, որ զանոնք կատարէ»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» թող ըսէ։ «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքը ուշադրութեամբ մտիկ ընելով՝ զգուշութեամբ գործադրես անոր բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քու Տէր Աստուածդ երկրի բոլոր ազգերէն աւելի պիտի բարձրացնէ քեզ։ Եւ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս, այս բոլոր օրհնութիւնները քու վրադ պիտի հասնին։ Քաղաքի մէջ օրհնեալ ու դաշտի մէջ օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը օրհնեալ պիտի ըլլան։ Քու կողովդ ու տաշտդ օրհնեալ պիտի ըլլան։ Մտած ատենդ օրհնեալ ու ելած ատենդ օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Տէրը քու առջեւէդ ջարդել պիտի տայ քու բոլոր թշնամիներդ։ Անոնք քեզի դէմ մէկ ճամբով պիտի ելլեն եւ քու առջեւէդ եօթը ճամբով պիտի փախչին։ Տէրը քու շտեմարաններուդ ու բոլոր ձեռքի գործերուդ մէջ օրհնութիւն պիտի ղրկէ քեզի եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ քեզ պիտի օրհնէ։ Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ հրամանները պահելով՝ անոր ճամբաներուն մէջ քալես, Տէրը քեզ իրեն իբր սուրբ ժողովուրդ պիտի հաստատէ, ինչպէս երդում ըրաւ։ Երկրի բոլոր ժողովուրդները պիտի տեսնեն թէ Տէրոջը անունով կը կոչուիս ու քեզմէ պիտի վախնան։ Տէրը բարիքներով քեզ պիտի լեցնէ, քու որովայնիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը ու քու երկրիդ պտուղը շատցնելով այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու։ Տէրը իր բարութեան գանձը, այսինքն երկինքը, քեզի պիտի բանայ, որպէս զի քու երկրիդ անձրեւը ժամանակին տայ ու քու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնէ եւ դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ պիտի չառնես։ Տէրը ժողովուրդներու գլուխ պիտի ընէ քեզ եւ ո՛չ թէ՝ պոչ։ Դուն միշտ պիտի բարձրանաս ու բնաւ վար պիտի չիջնես, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները մտիկ ընելով պահես ու կատարես, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։ Օտար աստուածներու ետեւէն երթալու համար ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար՝ աջ կողմը կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր այն բոլոր խօսքերէն, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։ «Բայց եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին չհնազանդիս ու չպահես ու չընես անոր բոլոր պատուիրանքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, այն ատեն հետեւեալ անէծքները քու վրադ պիտի հասնին։ Քաղաքի մէջ անիծեալ ու դաշտի մէջ անիծեալ պիտի ըլլաս։ Քու կողովդ ու տաշտդ անիծեալ պիտի ըլլան։ Քու որովայնիդ պտուղը, երկրիդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը անիծեալ պիտի ըլլան։ Քու մտած ատենդ անիծեալ ու քու ելած ատենդ անիծեալ պիտի ըլլաս։ Տէրը քու բոլոր գործերուդ մէջ անէծք, տառապանք ու յանդիմանութիւն պիտի ղրկէ քեզի՝ քու չար գործերուդ ու զիս ձգելուդ համար, մինչեւ որ շուտով բնաջինջ ըլլաս ու կորսուիս։ Տէրը քեզի ժանտախտ պիտի ղրկէ, մինչեւ որ քեզ հատցնէ այն երկրին վրայէն, ուր դուն պիտի մտնես զանիկա ժառանգելու համար։ Տէրը քեզ պիտի զարնէ ծիւրական ախտով, հրատագնապ տենդով, ջերմով ու այրող տաքութիւնով, երաշտութեամբ, խորշակահարութեամբ ու արմտեաց դալուկով եւ ասոնք պիտի հալածեն քեզ, մինչեւ որ կորսուիս։ Գլխուդ վրայի երկինքը պղնձէ ու տակդ եղած երկիրը երկաթէ պիտի ըլլայ։ Տէրը անձրեւի տեղ հող ու փոշի պիտի տայ քու երկրիդ ու անոնք երկնքէն քու վրադ պիտի իջնեն, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս։ Տէրը քու թշնամիներուդ առջեւ քեզ ջարդել պիտի տայ. անոնց դէմ մէկ ճամբով պիտի ելլես եւ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ թափառական պիտի ըլլաս։ Քու մարմինդ երկնքի բոլոր թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլայ եւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։ Տէրը Եգիպտոսի պալարներով, թանչով, քոսոտութեամբ ու եռքով պիտի զարնէ քեզ, այնքան սաստիկ որ չկարենաս բժշկուիլ։ Տէրը ապշութիւնով, կուրութիւնով ու սրտադողով պիտի զարնէ քեզ։ Ինչպէս կոյրը խաւարի մէջ ձեռքով կը խարխափէ, դուն ալ կէս օրուան ատեն այնպէս պիտի խարխափես ու գործերուդ մէջ բարեբաղդութիւն պիտի չունենաս։ Միշտ զրկանք ու յափշտակութիւն պիտի կրես, բայց քեզ ազատող պիտի չըլլայ։ Դուն կնոջ մը պիտի նշանուիս բայց անոր հետ ուրիշը պիտի պառկի։ Տուն պիտի շինես բայց անոր մէջ դուն պիտի չբնակիս։ Այգի պիտի տնկես բայց անոր խաղողը պիտի չհաւաքես. Քու եզդ քու աչքիդ առջեւ պիտի մորթուի բայց դուն անկէ պիտի չուտես։ Քու էշդ քու առջեւէդ պիտի յափշտակուի բայց քեզի ետ պիտի չտրուի։ Հօտերդ քու թշնամիներուդ պիտի մատնուին բայց զանոնք ազատող պիտի չըլլայ։ Քու տղաքներդ ու աղջիկներդ ուրիշ ժողովուրդին պիտի տրուին եւ աչքերդ պիտի տեսնեն ու բոլոր օրը անոնց համար ունեցած կարօտովդ պիտի նուաղիս բայց ձեռքդ պիտի չկրնայ օգնել ։ Քու երկրիդ արդիւնքը ու քու բոլոր աշխատութիւնդ քեզի անծանօթ ժողովուրդ մը պիտի ուտէ եւ դուն ամէն օր միայն զրկանք ու ճնշում պիտի կրես։ Աչքերուդ տեսած բաներէն պիտի խենդենաս։ Տէրը քու ծունկերդ ու սրունքներդ ու ոտքիդ թաթէն մինչեւ գլխուդ գագաթը գէշ պալարներով պիտի զարնէ ու պիտի չկրնաս բժշկուիլ։ Տէրը պիտի տանի քեզ եւ քու վրադ դրած թագաւորդ այնպիսի ազգի մը, որ ո՛չ դուն ճանչցած ես, ո՛չ ալ քու հայրերդ։ Հոն օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, ծառայութիւն պիտի ընես։ Դուն զարմանքի ու առակի եւ կատակի առարկայ պիտի ըլլաս այն բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, ուր Տէրը քեզ պիտի տանի։ Արտիդ մէջ շատ սերմ պիտի ցանես բայց քիչ արդիւնք պիտի հաւաքես. քանզի մարախները պիտի ուտեն զանիկա։ Այգիներ պիտի տնկես ու խնամես բայց գինին պիտի չխմես ու խաղողը պիտի չհաւաքես. քանզի զանիկա որդերը պիտի ուտեն։ Քու սահմաններուդ մէջ ձիթենիներ պիտի տնկես բայց իւղով պիտի չօծուիս. քանզի ձիթենիներդ իրենց պտուղը պիտի թափեն։ Տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ծնանիս բայց քուկդ պիտի չըլլան. քանզի անոնք գերութեան պիտի տարուին։ Բոլոր ծառերդ ու երկրիդ պտուղները խառնիճը պիտի ուտէ։ Ձեր մէջ եղող օտարականը քեզմէ գերազանց պիտի ըլլայ եւ շատ պիտի բարձրանայ բայց դուն շատ վար պիտի իջնես։ Անիկա քեզի փոխ պիտի տայ, բայց դուն անոր փոխ պիտի չտաս. անիկա գլուխ պիտի ըլլայ բայց դուն պոչ պիտի ըլլաս։ Այս բոլոր անէծքները քու վրադ պիտի գան, քեզ պիտի հալածեն ու քեզի պիտի հասնին, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս. որովհետեւ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդութիւն չըրիր եւ քեզի հրամայած պատուիրանքներն ու կանոնները չպահեցիր։ Եւ անոնք քու ու քու սերունդիդ վրայ նշան ու հրաշք պիտի ըլլան յաւիտեան։ Քանի որ դուն ամէն բանի առատութեանը համար՝ ուրախութեամբ եւ յօժար սրտով քու Տէր Աստուծոյդ ծառայութիւն չըրիր, Անոր համար դուն անօթութիւնով, ծարաւով, մերկութիւնով ու ամէն բանի կարօտութիւնով ծառայութիւն պիտի ընես քու թշնամիներուդ, որոնք Տէրը քու վրադ պիտի ղրկէ։ Քու պարանոցիդ վրայ երկաթ լուծ պիտի դնէ, մինչեւ որ բնաջինջ ընէ քեզ։ Տէրը քու վրադ հեռուէն, երկրի ծայրէն, արծիւի թռչելուն պէս ազգ մը պիտի բերէ, այնպիսի ազգ մը, որուն լեզուն դուն չես հասկնար, Պնդերես ազգ մը, որ ծերերուն պատիւ պիտի չընէ ու տղայոց վրայ գութ պիտի չունենայ։ Անիկա քու անասուններուդ պտուղն ու երկրիդ պտուղը պիտի ուտէ, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս ու քեզի ցորեն, գինի, իւղ, կովերուդ ծնունդներն ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի չթողու, մինչեւ որ քեզ բնաջինջ ընէ։ Անիկա քու բոլոր քաղաքներուդ մէջ քեզ պիտի պաշարէ, մինչեւ որ կործանին քու բարձր ու ամուր պարիսպներդ, որոնց դուն ապաւիներ ես քու բոլոր երկրիդ մէջ։ Քեզ պիտի պաշարէ քու բոլոր քաղաքներուդ մէջ ու քու բոլոր երկրիդ մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի տուաւ։ Պաշարման ատեն եւ քու թշնամիիդ քեզ նեղը ձգած ատենը՝ քու որովայնիդ պտուղը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քու տղաքներուդ եւ աղջիկներուդ միսը պիտի ուտես։ Ձեր մէջ քնքուշ ու խիստ փափուկ մարդը իր եղբօր ու իր ծոցի կնոջ եւ իր ողջ թողուցած որդիներուն ծուռ աչքով պիտի նայի, Որպէս զի իր ուտելու որդիներուն միսէն անոնց մէկո՛ւն չտայ. քանզի պաշարման ատեն ու քու թշնամիիդ բոլոր քաղաքներուն մէջ քեզ նեղը ձգած ատենը, ուրիշ բան մը պիտի չմնայ անոր։ Ձեր մէջ խիստ քնքուշ ու փափուկ եղող կինը, որ իր փափկութենէն ու քնքուշ ըլլալէն ետքը գետնի վրայ կոխելու սորված չէր, իր ծոցի էրկան, իր տղուն, իր աղջկան Եւ իր ոտքերուն մէջտեղէն ելլող տղու ընկերին ու իր ծնած զաւակներուն ծուռ աչքով պիտի նայի. քանզի պաշարման ատեն ու քու թշնամիիդ քու քաղաքներուդ մէջ քեզ նեղը ձգած ատենը, ամէն բանի պակսելուն համար զանոնք ծածկաբար պիտի ուտէ։ «Եթէ դուն այս գրքին մէջ գրուած օրէնքին բոլոր խօսքերը զգուշութեամբ չկատարես եւ ՔՈՒ ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԾՄԷԴ եւ անոր պատուական ու ահաւոր անունէն չվախնաս. Տէրն ալ անսովոր հարուածներով, մեծ ու երկարատեւ հարուածներով, գէշ ու երկայն հիւանդութիւններով պիտի զարնէ քեզ եւ քու սերունդդ։ Եգիպտոսի բոլոր հիւանդութիւնները, որոնցմէ դուն կը վախնաս, քու վրադ պիտի բերէ ու անոնք քեզի պիտի փակչին։ Նաեւ օրէնքներու գրքին մէջ չգրուած ամէն հիւանդութիւն ու ամէն հարուած Տէրը քու վրադ պիտի բերէ, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս։ Քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդութիւն չընելուդ համար, դուք որ շատութեան կողմանէ երկնքի աստղերուն պէս էիք, խիստ սակաւաթիւ պիտի մնաք։ Ինչպէս Տէրը ձեզի աղէկութիւն ընելով ու ձեզ շատցնելով ուրախացաւ, նոյնպէս ձեզ կորսնցնելով ու բնաջինջ ընելով ալ պիտի ուրախանայ եւ պիտի ջնջուիք այն երկրին վրայէն, ուր հիմա կ’երթաք զանիկա ժառանգելու։ Տէրը երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ պիտի ցրուէ քեզ ու հոն ծառայութիւն պիտի ընես օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, որոնք ո՛չ դուն ճանչցեր էիր, ո՛չ ալ քու հայրերդ։ Այն ազգերուն մէջ հանգստութիւն պիտի չգտնես ու ոտքիդ թաթին հանգչելու տեղ պիտի չըլլայ։ Հոն Տէրը քեզի դողացող սիրտ, աչքի նուաղում ու հոգիի տրտմուիթւն պիտի տայ։ Քու կեանքդ քու առջեւդ պիտի կախուի ու գիշեր ցորեկ պիտի վախնաս եւ քու կեանքդ ապահով պիտի չըլլայ Ու սրտիդ ահուդողէն եւ աչքերուդ տեսած բաներէն, առաւօտուն պիտի ըսես. ‘Երանի՜ թէ իրիկուն ըլլար’ ու իրիկունն ալ պիտի ըսես. ‘Երանի՜ թէ առտու ըլլար’։ Եւ Տէրը նաւերով Եգիպտոս պիտի դարձնէ քեզ այն ճամբով, որուն համար քեզի ըսի թէ զանիկա անգամ մըն ալ պիտի չտեսնես եւ հոն ծառաներ ու աղախիններ ըլլալու պիտի ծախուիք ձեր թշնամիներուն բայց ծախու առնող պիտի չըլլայ»։ Ասոնք են այն ուխտին խօսքերը, որոնք Տէրը Մովսէսին հրամայեց որ ընէ Իսրայէլի որդիներուն հետ Մովաբի երկրին մէջ, անոնց հետ Քորեբի վրայ ըրած ուխտէն զատ։ Ուստի Մովսէս բոլոր Իսրայէլը կանչելով՝ անոնց ըսաւ. «Դուք տեսաք այն ամէնը՝ որ Տէրը ձեր աչքերուն առջեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ ըրաւ Փարաւոնին եւ անոր բոլոր ծառաներուն ու անոր բոլոր երկրին։ Այսինքն այն մեծ փորձութիւնները, նշաններն ու մեծ հրաշքները, որոնք դուն քու աչքերովը տեսար։ Բայց Տէրը մինչեւ այսօր չտուաւ ձեզի այնպիսի սիրտ մը, որ իմանաք եւ ո՛չ աչքեր, որ տեսնէք, ո՛չ ալ ականջներ, որ լսէք։ Ես քառասուն տարի անապատին մէջ ձեզ պտըտցուցի. ձեր վրայի լաթերը չհինցան ու ոտքերնուդ կօշիկները չմաշեցան։ Հաց չկերաք ու գինի կամ օղի չխմեցիք, որպէս զի գիտնաք թէ ես ձեր Տէր Աստուածն եմ։ Ու երբ այստեղ եկաք, Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը եւ Բասանի Ովգ թագաւորը մեր առջեւ ելան մեզի հետ պատերազմելու ու մենք զարկինք զանոնք Եւ անոնց երկիրը առինք ու զանիկա Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին ժառանգութիւն տուինք։ Ուստի այս ուխտին խօսքերը պահեցէ՛ք, որպէս զի ամէն գործի մէջ յաջողութիւն գտնէք։ «Այսօր դուք ամէնքդ ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ կը կայնիք. ձեր ցեղերուն իշխանները՝ ՝, ձեր ծերերը, ձեր ոստիկաններն ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը, Ձեր տղաքները, ձեր կիները եւ քու բանակիդ մէջ եղող օտարականը, քու փայտ կտրողէդ մինչեւ քու ջրկիրդ. Որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ ուխտին ու անոր երդումին մէջ մտնես, որ այսօր քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ կ’ընէ, Որպէս զի քեզ այսօր իրեն ժողովուրդ հաստատէ եւ ինք քեզի Աստուած ըլլայ, ինչպէս քեզի ըսաւ ու ինչպէս քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ։ Ու ես այս ուխտը եւ այս երդումը միայն ձեզի հետ չեմ ըներ, Հապա այսօր մեզի հետ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ հոս կեցողներուն հետ եւ այսօր մեզի հետ հոս չեղողներուն հետ ալ. Քանզի դուք գիտէք թէ ի՛նչպէս բնակեցանք Եգիպտոսի երկրին մէջ եւ ի՛նչպէս անցանք այն գետերուն մէջէն, որոնցմէ դուք անցաք Ու անոնց քով եղած անոնց գարշելի բաները եւ անոնց փայտէ, քարէ, արծաթէ ու ոսկիէ կուռքերը տեսաք։ Չըլլայ որ ձեր մէջ այր մարդ կամ կին մարդ կամ ազգատոհմ կամ ցեղ մը գտնուի, որ իր սիրտը մեր Տէր Աստուծմէն խոտորեցնելով երթայ այն ազգերուն աստուածներուն ծառայութիւն ընէ. չըլլայ որ ձեր մէջ թոյն ու դառնութիւն բերող արմատ մը գտնուի։ Չըլլայ որ մէկը այս անէծքին խօսքերը լսելով՝ սրտին մէջ իրեն օրհնութիւն տալով ըսէ. ‘Թէեւ իմ սրտիս յամառութեամբ քալեմ, ինծի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’ եւ այսպէս անիկա իր ծարաւութեանը վրայ գինովութիւն աւելցնէ. Տէրը պիտի չուզէ անոր խնայել, հապա այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնն ու նախանձը այն մարդու վրայ պիտի բորբոքի եւ այս գրքին մէջ գրուած ամէն անէծք անոր վրայ պիտի իջնէ ու Տէրը անոր անունը երկնքի տակէն բնաջինջ պիտի ընէ։ Տէրը այս օրէնքներու գրքին մէջ գրուած ուխտին բոլոր անէծքներուն համեմատ անոր վրայ չարիք հասցնելու համար՝ զանիկա Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն պիտի զատէ։ Պիտի ըսէ յետագայ ազգը, այսինքն ձեզմէ ետքը ելլող սերունդը ու հեռու երկրէ եկող օտարականը, երբ տեսնեն այն երկրին հարուածներն ու անոր հիւանդութիւնները, որոնցմով Տէրը զանիկա պիտի նեղէ Եւ երբ տեսնեն թէ այն բոլոր երկիրը ծծումբ, աղ ու այրած ըլլալով, հոն բան մը չի ցանուիր ու պտուղ չի բերեր եւ խոտ չի բուսնիր՝ Սոդոմի, Գոմորի, Ադմայի ու Սեբոյիմի աւերումին պէս, որոնք Տէրը իր բարկութիւնովն ու սրտմտութիւնովը բնաջինջ ըրաւ, Նաեւ բոլոր ազգերը պիտի ըսեն. ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը այս երկրին այսպէս ըրաւ. այս մեծ սրտմտութեան ու բարկութեան պատճառը ի՞նչ է’։ Անոնց պիտի ըսեն. ‘Պատճառը այն է՝ որ անոնք մերժեցին իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն ուխտը, որ անոնց հետ ըրեր էր՝ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանած ատեն Եւ գացին ուրիշ աստուածներու ծառայեցին ու անոնց երկրպագութիւն ըրին, այնպիսի աստուածներու՝ որոնք իրենք բնաւ չէին ճանչցած եւ որոնք Տէրը որոշած չէր անոնց։ Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը այն երկրին դէմ բորբոքեցաւ, որ այս գրքին մէջ գրուած բոլոր անէծքները անոր վրայ բերէ։ Տէրը բարկութեամբ, սրտմտութեամբ ու մեծ զայրացմամբ զանոնք իրենց երկրէն արմատախիլ ընելով՝ ուրիշ երկիր մը նետեց, ինչպէս այսօր կը տեսնուի ’։ Ծածուկ բաները մեր Տէր Աստուծոյն կը վերաբերին բայց յայտնուած բաները մեզի ու մեր որդիներուն տրուած են յաւիտեան, որպէս զի այս օրէնքին բոլոր խօսքերը կատարենք»։ «Երբ այս քեզի յայտնած բաներս, թէ՛ անէծքը եւ թէ՛ օրհնութիւնը, քու վրադ գան ու դուն զանոնք քու սրտիդ մէջ նորէն յիշես այն բոլոր ազգերուն մէջ, ուր քու Տէր Աստուածդ քեզ պիտի քշէ Եւ դուն քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս եւ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ անոր խօսքին հնազանդիս, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու որդիներդ, ինչպէս ես այսօր քեզի յայտնեցի, Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ գերութենէ դարձնելով պիտի ողորմի քեզի ու նորէն պիտի հաւաքէ քեզ այն բոլոր ազգերէն, որոնց մէջ քու Տէր Աստուածդ քեզ ցրուեր էր։ Եթէ մինչեւ երկնքին ծայրը քշուած ալ ըլլաս, քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ պիտի հաւաքէ ու անկէ պիտի առնէ քեզ Եւ քու Տէր Աստուածդ քու հայրերուդ ժառանգած երկիրը պիտի դարձնէ քեզ ու զանիկա պիտի ժառանգես եւ քեզի յաջողութիւն տալով քու հայրերէդ աւելի պիտի շատցնէ քեզ։ Քու Տէր Աստուածդ քու սիրտդ եւ քու որդիներուդ սիրտը պիտի թլփատէ, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ սիրես, որպէս զի ապրիս։ Քու Տէր Աստուածդ այն բոլոր անէծքները քու թշնամիներուդ վրայ, քեզ ատողներուն ու հալածողներուն վրայ պիտի դարձնէ։ Եթէ դուն դառնաս ու Տէրոջը խօսքին հնազանդիս ու կատարես անոր բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։ Քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքերուդ բոլոր գործերը, որովայնիդ պտուղը, անասուններուդ պտուղը ու երկրիդ պտուղը շատցնելով քեզի յաջողութիւն պիտի տայ. քանզի Տէրը աղէկութիւն ընելով նորէն պիտի ուրախանայ քեզի համար, ինչպէս քու հայրերուդ համար ուրախացաւ, Երբ դուն քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս ու այս օրէնքներու գրքին մէջ գրուած անոր պատուիրանքներն ու կանոնները պահես եւ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս։ «Քանզի այս պատուիրանքը որ ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քեզի անիմանալի չէ ու քեզմէ հեռու ալ չէ։ Անիկա երկինքը չէ, որ ըսես. ‘Մեզի համար ո՞վ պիտի ելլէ երկինքը եւ զանիկա մեզի պիտի բերէ, որպէս զի լսենք ու ընենք’ Եւ անիկա ծովուն անդիի կողմն ալ չէ, որ ըսես. ‘Մեզի համար ծովուն անդիի կողմը ո՞վ պիտի անցնի ու զանիկա մեզի պիտի բերէ, որպէս զի լսենք ու ընենք’. Քանզի այս խօսքը քեզի շատ մօտ է, քու բերնիդ ու սրտիդ մէջ է, որպէս զի դուն զանիկա կատարես։ «Նայէ՛, ես այսօր կեանքն ու բարին, մահն ու չարը քու առջեւդ դրի։ Ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որ քու Տէր Աստուածդ սիրես, անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անոր պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները պահես, որպէս զի ապրիս ու շատնաս եւ քու Տէր Աստուածդ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր պիտի երթաս ժառանգելու համար։ Բայց եթէ քու սիրտդ դառնայ ու չհնազանդիս, հապա մոլորելով ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ընես ու զանոնք պաշտես, Ձեզի այսօր կը ծանուցանեմ, թէ անշուշտ պիտի կորսուիք ու երկար կեանք պիտի չունենաք այն երկրին մէջ, ուր մտնելու եւ զանիկա ժառանգելու համար Յորդանանէն կ’անցնիք։ Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ. Քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛, (վասն զի քու կեանքդ ու օրերուդ երկայնութիւնը այն է,) որպէս զի դուն բնակիս այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ անոնց տալու»։ Մովսէս գնաց բոլոր Իսրայէլին յայտնեց այս խօսքերը Ու անոնց ըսաւ. «Ես այսօր հարիւր քսան տարեկան եմ։ Ա՛լ ելլելու ու մտնելու կարողութիւն չունիմ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս’։ Քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ պիտի անցնի ու այս ազգերը քու առջեւէդ ինք պիտի կորսնցնէ եւ դուն անոնց երկիրը պիտի ժառանգես։ Տէրոջը ըսածին պէս Յեսու պիտի երթայ քու առջեւէդ։ Տէրը անոնց այնպէս պիտի ընէ, ինչպէս Ամօրհացիներու Սեհոն ու Ովգ թագաւորներուն եւ անոնց երկրին ըրաւ, զանոնք բնաջինջ ընելով։ Տէրը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի տայ ու իմ ձեզի բոլոր պատուիրածիս պէս պէտք է ընէք անոնց։ Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, մի՛ վախնաք ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի հետ պիտի երթայ. անիկա ձեզ պիտի չթողու ու երեսէ պիտի չձգէ»։ Մովսէս Յեսուն կանչեց ու բոլոր Իսրայէլի առջեւ անոր ըսաւ. «Ուժովցի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը դո՛ւն պիտի տանիս այն երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու։ Դուն պիտի տանիս, որ ժառանգեն։ Եւ քու առջեւէդ գացողը նոյն ինքը Տէրն է. անիկա քեզի հետ պիտի ըլլայ. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր»։ Մովսէս այս օրէնքը գրեց եւ զանիկա Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացի քահանաներուն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն տուաւ։ Մովսէս անոնց պատուիրեց. «Ամէն եօթներորդ տարին, թողութեան տարիին ատենը, տաղաւարահարաց տօնին, Երբ բոլոր Իսրայէլ կու գայ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու անոր ընտրած տեղը այն ատեն բոլոր Իսրայէլին առջեւ այս օրէնքը պիտի կարդաք, որպէս զի լսեն։ Հաւաքեցէք ժողովուրդը՝ այրերը, կիները, տղաքներդ ու քաղաքներուդ մէջ եղող օտարականները, որպէս զի լսեն եւ սորվելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնան ու այս օրէնքին բոլոր խօսքերը պահեն ու կատարեն։ Անոնց չգիտցող տղաքները լսելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվին, բոլոր այն օրերուն մէջ որչափ որ պիտի ապրիք այն երկրին վրայ, որ ժառանգելու համար Յորդանանէն պիտի անցնիք»։ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ահա մեռնելու օրերդ մօտեցան. Յեսուն կանչէ ու վկայութեան խորանը ներկայացէք, որպէս զի անոր պատուէր տամ»։ Ուստի Մովսէս ու Յեսու գացին վկայութեան խորանը ներկայացան։ Տէրը ամպի սիւնով խորանին մէջ երեւցաւ ու ամպի սիւնը վկայութեան խորանին դրանը վրայ կեցաւ։ Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ահա դուն քու հայրերուդ հետ պիտի ննջես ու այս ժողովուրդը պիտի ելլէ ու իր գացած երկրին օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով՝ անոր մէջ շնութիւն պիտի ընէ եւ զիս պիտի թողու ու իրեն հետ ըրած ուխտս պիտի խափանէ։ Այն օրը իմ բարկութիւնս իր վրայ բորբոքելով՝ զանոնք պիտի լքեմ ու երեսս անոնցմէ պիտի ծածկեմ, որ բնաջինջ ըլլան։ Շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպելով՝ պիտի ըսեն. ‘Մեր Աստուածը մեր մէջ չըլլալուն համար չէ՞ որ մենք այս չարիքները կը կրենք’։ Բայց ես իմ երեսս բոլորովին պիտի ծածկեմ անոնց ըրած բոլոր չարութեանը համար, որովհետեւ ուրիշ աստուածներու դարձան։ Ուստի հիմա այս երգը գրեցէք ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուցէք զանիկա անոնց բերանը դնելով, որպէս զի այս երգը Իսրայէլի որդիներուն մէջ ինծի վկայութեան համար ըլլայ։ Քանզի զանոնք պիտի տանիմ այն կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, որուն համար ես անոնց հայրերուն երդում ըրի եւ անոնք պիտի ուտեն ու կշտանան եւ գիրնան ու ետքը ուրիշ աստուածներու դառնալով եւ անոնց ծառայութիւն ընելով՝ զիս պիտի արհամարհեն ու իմ ուխտս պիտի խափանեն։ Իսկ երբ անոնք շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպին, այս երգը անոնց դէմ պիտի վկայէ. որովհետեւ անոնց զաւակներուն բերնէն պիտի չմոռցուի. վասն զի գիտեմ անոնց խորհուրդը՝ որ այսօր կ’ընեն, քանի որ դեռ իմ երդումով խոստացած երկիրս տարած չեմ զանոնք»։ Ուստի Մովսէս նոյն օրը այս երգը գրեց ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուց զանիկա։ Տէրը Նաւէի որդիին Յեսուին պատուիրելով ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի Իսրայէլի որդիները դուն պիտի տանիս այն երկիրը, որուն համար անոնց երդում ըրի ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։ Երբ Մովսէս այս օրէնքին բոլոր խօսքերը գրքի մը մէջ գրեց լմնցուց, Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Այս օրէնքին գիրքը առէք ու զանիկա ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտի տապանակին քով դրէք, որպէս զի հոն ձեզի դէմ վկայութեան համար ըլլայ. Քանզի ես քու ապստամբութիւնդ ու քու պարանոցիդ խստութիւնը գիտեմ։ Այսօր, երբ տակաւին ես ողջ եմ, դուք Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն կ’ընէք, ա՛լ որչա՜փ աւելի իմ մեռնելէս ետքը։ Ձեր ցեղերուն բոլոր ծերերն ու ձեր ոստիկանները իմ առջեւս հաւաքեցէ՛ք, որպէս զի անոնց այս խօսքերը յայտնեմ, որ լսեն եւ երկինքն ու երկիրը վկայ բռնեմ անոնց. Քանզի գիտեմ թէ իմ մեռնելէս ետքը դուք անշուշտ անօրէնութիւն պիտի ընէք՝ ՝ ու իմ ձեզի պատուիրած ճամբայէս պիտի խոտորիք ու չարիքներու պիտի հանդիպիք. որովհետեւ Տէրոջը առջեւ չարութիւն պիտի ընէք ու ձեր ձեռքերուն գործերովը զանիկա պիտի սրդողեցնէք»։ Ուստի այս երգին խօսքերը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին ականջներուն խօսեցաւ։ «Ո՛վ երկինք, ականջ դրէք որ խօսիմ Ու երկիրը բերնիս խօսքերուն թող մտիկ ընէ։ Իմ խրատս անձրեւի պէս պիտի կաթի, Իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ, Անձրեւի պէս կանանչեղէնի վրայ Ու առատ անձրեւներու պէս՝ խոտի վրայ, Քանզի Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։ Մեր Աստուծոյն պատիւ տուէք Աստուծոյ գործը կատարեալ է Քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. Անիկա արդար եւ ուղիղ է։ Ասոնք ապականեցան, իրենց արատը անոր որդիներուն չէ. Ասիկա խոտորած ու ծռած ազգ մըն է։ Տէրոջը ըրած հատուցումնիդ ասիկա՞ է, Ո՛վ յիմար ու անմիտ ժողովուրդ, Անիկա քու Հայրդ չէ՞, որ քեզ ստացաւ, Քեզ ստեղծեց ու քեզ հաստատեց։ Հին օրերը միտքդ բեր, Անցած դարերուն տարիները յիշէ՛, Քու հօրդ հարցուր ու թող քեզի պատմէ։ Քու ծերերուդ հարցուր ու թող քեզի ըսեն։ Երբ Բարձրեալը ազգերուն ժառանգութիւնը բաժնեց Ու Ադամի որդիները տարածեց, Ազգերուն սահմանները Իսրայէլի որդիներուն թիւովը դրաւ։ Քանզի Տէրոջը բաժինը իր ժողովուրդն է Ու իր ժառանգութեան վիճակը Յակոբն է։ Զանիկա ամայի երկրի մէջ, Անկոխ ու ահագին անապատի մէջ գտաւ. Զանիկա պաշտպանեց, խրատեց Ու իր աչքին բիբին պէս պահեց։ Ինչպէս արծիւը իր բոյնը կը խառնէ, Կը շարժի իր ձագերուն վրայ, Իր թեւերը կը տարածէ, զանոնք վրան կ’առնէ Ու թեւերովը կը վերցնէ, Այնպէս ալ Տէրը միայն զանիկա պտըտցուց Ու անոր հետ օտար աստուած չկար։ Զանիկա երկրի բարձր տեղերուն վրայ հանեց, Որպէս զի արտերուն պտուղը ուտէ Ու անոր վէմէն՝ մեղր Ու ապառաժ վէմէն իւղ ծծել տուաւ։ Անոր կովերուն իւղ ու ոչխարներուն կաթ կերցուց, Գառներու ու Բասանի խոյերու եւ նոխազներու ճարպով Ու ցորենի ընտիր ալիւրով՝ ՝ Եւ խաղողին արիւնով՝ գինի խմեցիր։ Ու Իսրայէլ գիրնալով աքացեց (Գիրցար, հաստըցար, իւղ կապեցիր.) Ու իր Արարիչ Աստուածը թողուց Եւ իր փրկութեան Վէմը արհամարհեց։ Օտար աստուած ներով անոր նախանձը գրգռեցին Ու գարշելի բաներով զանիկա սրդողեցուցին։ Դեւերուն զոհ մատուցանեցին, բայց ո՛չ Աստուծոյ Իրենց չգիտցած աստուածներուն, Նոր ու մօտերս եղողներուն, Որոնցմէ ձեր հայրերը չվախցան։ Դուն քեզ ծնանող Վէմը մոռցար Ու քեզ ստեղծող Աստուածը մտքէդ հանեցիր։ Տէրը տեսնելով զզուեցաւ Որովհետեւ իր տղաքներն ու աղջիկները զինք սրդողցուցին։ Ուստի ըսաւ. ‘Անոնցմէ երեսս պիտի ծածկեմ Ու տեսնեմ թէ անոնց վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ. Վասն զի անոնք ծուռ ազգ մըն են, Անհաւատարիմ որդիներ են։ Անոնք չաստուածներով իմ նախանձս գրգռեցին Ու իրենց սնոտի բաներովը զիս սրդողցուցին. Ես ալ անպիտան ժողովուրդով մը անոնց նախանձը պիտի գրգռեմ Ու անմիտ ազգով մը զանոնք պիտի սրդողցնեմ։ Քանզի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ Եւ դժոխքէն մինչեւ ներքին տեղերը պիտի այրէ, Երկիրը եւ անոր արմտիքը պիտի ուտէ Ու լեռներուն հիմերը պիտի բռնկեցնէ։ Անոնց վրայ չարիք պիտի դիզեմ, Իմ նետերս անոնց վրայ նետելով պիտի հատցնեմ։ Անօթութեամբ պիտի մաշին Ու հրատագնապ տենդով՝ ՝ եւ դառն ժանտախտով պիտի հատնին Ու անոնց վրայ գազաններուն ակռաները Ու գետնին վրայ սողացողներուն թոյնը պիտի ղրկեմ։ Դուրսէն սուրը ու ներսէն վախը՝ Երիտասարդներն ու կոյս աղջիկները, Կաթնկեր տղաքները Ու ալեւոր ծերերը պիտի ջարդեն։ Ըսի թէ զանոնք երկրի ամէն կողմը պիտի ցրուեմ, Անոնց յիշատակը մարդոց մէջէն պիտի վերցնեմ, Ոչ թէ թշնամիին բարկութենէն վախցայ, այլ Չըլլայ որ անոնց հակառակորդները ուրանան, Չըլլայ որ ըսեն թէ ‘Այս բոլոր բանը ընողը Մեր բարձր ձեռքն է եւ ոչ թէ Տէրը’։ Քանզի անոնք անխորհուրդ ազգ մըն են Ու անոնց մէջ իմաստութիւն չկայ։ Երանի՜ թէ իմաստուն ըլլային ու այս բանը հասկնային Եւ իրենց վախճանին վրայ մտածէին։ Մարդ մը հազարը ի՞նչպէս կը հալածէր Ու երկու մարդ տասը հազարը ի՞նչպէս կրնային փախցնել, Եթէ անոնց Վէմը զանոնք չծախէր Ու Տէրը զանոնք չմատնէր։ Քանզի անոնց վէմը մեր Վէմին պէս չէ Եթէ նոյնիսկ մեր թշնամիները այս բանին դատաւոր ըլլան. Վասն զի անոնց որթատունկը Սոդոմի որթատունկէն է Ու Գոմորի արտէն է. Անոնց խաղողները թունաւոր խաղողներ են Ու անոնց ողկոյզները դառն են. Անոնց գինին վիշապներուն ժանտութիւնը Ու իժերուն մահառիթ թոյնն է։ Ասիկա իմ քովս պահուած Ու իմ շտեմարաններուս մէջ կնքուած չէ՞ արդեօք։ Իմս է վրէժխնդրութիւնը ու հատուցումը։ Անոնց ոտքը սահմանուած ժամանակին պիտի գլորի. Վասն զի անոնց կորստեան օրը մօտ է Ու անոնց գլխուն գալիքները կ’արտորան։ Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը պիտի դատէ Ու իր ծառաներուն վրայ պիտի գթայ, Որովհետեւ պիտի տեսնէ անոնց տկարութիւնը, Երբ բանտարկուած կամ ազատ չըլլայ։ Եւ պիտի ըսէ. ‘Ո՞ւր են անոնց աստուածները, Այն վէմը՝ որուն վրայ իրենց յոյսը դրեր էին, Անոնց զոհերուն ճարպը ուտողները Ու ըմպելի նուէրներուն գինին խմողները։ Թող ելլեն ու ձեզի օգնեն Եւ ձեզի պաշտպան ըլլան»։ «Հիմա նայեցէք, որ միայն ԵՍ ԵՄ՝ ՝ Ու ինծմէ ուրիշ Աստուած չկայ. Ես կը մեռցնեմ ու ես կ’ապրեցնեմ. Ես կը զարնեմ ու ես կը բժշկեմ Ու իմ ձեռքէս ազատող մը չկայ։ Քանզի ձեռքս երկինք վերցնելով կ’ըսեմ. ‘Ես յաւիտեան կենդանի եմ’։ Եթէ փայլակի պէս սուրս սրեմ Ու ձեռքս դատաստանի երկնցնեմ, Իմ թշնամիներուս վրէժխնդրութիւն պիտի ընեմ Եւ զիս ատողներուն հատուցում պիտի ընեմ։ Սպաննուածներուն ու գերիներուն արիւնէն, Թշնամիներու իշխաններուն գլխէն Իմ նետերս արիւնով պիտի արբեցնեմ Ու իմ սուրս միս պիտի ուտէ։ Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէ՛ք, Քանզի իր ծառաներուն արեան վրէժը պիտի խնդրէ. Իր թշնամիներէն վրէժ պիտի առնէ Եւ իր երկրին ու ժողովուրդին քաւութիւն պիտի ընէ»։ Ուստի Մովսէս Նաւեան Յեսուին հետ եկաւ ու այս երգին բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն լսցուց։ Երբ Մովսէս այս ամէն խօսքերը լմնցուց, Անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը, որ այսօր ձեզի իբր վկայութիւն բերի, որպէս զի ձեր տղոց պատուիրէք, որ այս օրէնքին ամէն խօսքերը պահեն ու կատարեն։ Քանզի ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է ու այս բանով երկայնակեաց պիտի ըլլաք այն երկրին մէջ, որուն համար Յորդանանէն կ’անցնիք զանիկա ժառանգելու»։ Տէրը նոյն օրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Աբարիմ լեռը ելիր, Մովաբի երկրին մէջ եղող Երիքովին դիմացի Նաբաւ լեռը ու տես Քանանի երկիրը որ Իսրայէլի որդիներուն իբր կալուածք պիտի տամ։ Սակայն այդ լերան վրայ պիտի մեռնիս ու քու ժողովուրդիդ խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն Հովր լերան վրայ մեռաւ ու իր ժողովուրդին խառնուեցաւ. Որովհետեւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ, Սին անապատը, Կադէսի վիճաբանութեան ջուրերուն վրայ ինծի անհնազանդ եղաք. քանզի Իսրայէլի որդիներուն մէջ զիս չփառաւորեցիք։ Ուստի այն երկիրը հեռուէն պիտի տեսնես, բայց դուն հոն պիտի չմտնես, այն երկիրը՝ որ ես Իսրայէլի որդիներուն կու տամ»։ Այս է այն օրհնութիւնը, որով Աստուծոյ մարդը՝ Մովսէս՝ իր մեռնելէն առաջ Իսրայէլի որդիները օրհնեց Ու ըսաւ. «Տէրը Սինայէն եկաւ Ու Սէիրէ անոնց երեւցաւ Եւ Փառան լեռնէն փայլեցաւ Ու բիւրաւոր սուրբերով եկաւ. Անոր աջ ձեռքէն օրէնքին կրակը ելաւ անոնց։ Այո՛, անիկա ժողովուրդները կը սիրէ։ Բոլոր սուրբերը քու ձեռքդ են։ Անոնք քու խօսքերդ ընդունելու համար Քու ոտքերուդ քով կը նստին։ Մովսէս մեզի տուաւ օրէնքը, Յակոբին ժողովուրդին ժառանգութիւնը։ Երբ ժողովուրդին գլխաւորները Իսրայէլի ցեղերուն հետ մէկտեղ հաւաքուեցան, Ինք Իսրայէլի մէջ իշխան՝ ՝ եղաւ։ Ռուբէն թող ապրի ու չմեռնի Եւ անոր ժողովուրդը թող շատնայ»։ Եւ Յուդային համար այս բանը ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, Յուդային ձայնը լսէ Ու զանիկա իր ժողովուրդին բեր. Անոր ձեռքերը իրեն թող բաւականանան Եւ անոր թշնամիներուն դէմ օգնական եղիր»։ Ու Ղեւիին համար ըսաւ. «Քու Թումիմդ եւ Ուրիմդ թող քու սուրբ մարդուդ ըլլան, Որ Մասսայի մէջ փորձեցիր Ու Մերիպայի ջուրին վրայ անոր հետ վիճեցար։ Ան որ իր հօրն ու մօրը համար ‘Զանիկա չտեսայ’ ըսաւ Եւ իր եղբայրները չճանչցաւ Ու իր որդիները չգիտցաւ. Քանզի անոնք քու խօսքիդ զգուշութիւն ըրին Ու քու ուխտդ պահեցին։ Անոնք պիտի սորվեցնեն քու պատուիրանքներդ Յակոբին Ու քու օրէնքդ՝ Իսրայէլին. Քու առջեւդ խունկ պիտի մատուցանեն Ու քու սեղանիդ վրայ՝ ողջակէզ։ Ո՛վ Տէր, անոր զօրութիւնը օրհնէ Ու անոր ձեռքին գործը ընդունէ. Անոր վրայ ելլողներուն ու անոր թշնամիներուն մէջքը կոտրէ, Որպէս զի անգամ մըն ալ չելլեն»։ Բենիամինին համար ըսաւ. «Տէրոջը սիրելին անոր քով թող ապահովութեամբ բնակի. Աստուած միշտ զանիկա պաշտպանէ Ու անոր ուսերուն մէջ բնակի»։ Ու Յովսէփին համար ըսաւ. «Անոր երկիրը թող Տէրոջմէն օրհնուի, Երկնքի ընտիր պարգեւներովը, ցօղովը Ու վարը պառկող անդունդներովը Եւ արեգակէն յառաջ եկած ընտիր բերքերովը Ու ամիսներուն ընտիր արդիւնքներովը Եւ հին լեռներու ընտիր պտուղներովը՝ ՝ Ու մշտնջենաւոր բլուրներուն ընտիր պարգեւներովը Եւ երկրի ու անոր առատութեանը ընտիր պարգեւներովը Ու մորենիին մէջ բնակողին բարեհաճութիւնովը։ Ասոնք Յովսէփին գլխուն վրայ, Իր եղբայրներուն մէջ երեւելի եղողին գագաթին վրայ թող գան։ Անիկա իր ցուլին անդրանիկին պէս գեղեցիկ է Ու իր եղջիւրները միեղջերուի եղջիւրներուն կը նմանին ։ Անոնցմով պիտի զարնէ ժողովուրդները Մինչեւ երկրին ծայրերը։ Ասոնք են Եփրեմին բիւրաւորները Ու Մանասէին հազարաւորները»։ Եւ Զաբուղոնին համար ըսաւ. «Ուրախացի՛ր, ո՛վ Զաբուղոն, քու ելած ատենդ Ու դո՛ւն, ո՛վ Իսաքար՝ քու վրաններուդ մէջ։ Ժողովուրդները լեռը հրաւիրելով՝ Հոն արդարութեան զոհեր պիտի մատուցանեն. Քանզի անոնք ծովերուն առատութիւնը Ու աւազին ծածուկ գանձերը պիտի ծծեն»։ Ու Գադին համար ըսաւ. «Գադը ընդարձակողը թող օրհնեալ ըլլայ։ Մատակ առիւծի պէս կը նստի Ու թեւեր ու գլուխներ կը գիշատէ։ Եւ անիկա երկրին առաջին մասը իրեն յարմար տեսաւ, Քանզի հոն օրէնսդիրին տուած բաժինին մէջ պահուեցաւ Եւ ժողովուրդին գլխաւորներովը գալով՝ Տէրոջը արդարութիւնն ու անոր օրէնքները Իսրայէլին հետ գործադրեց»։ Եւ Դանին համար ըսաւ. «Դան առիւծի ձագ է, Անիկա Բասանէն պիտի ցատկէ»։ Ու Նեփթաղիմին համար ըսաւ. «Նեփթաղիմ, Աստուծոյ շնորհքովը կշտացած Եւ Տէրոջը օրհնութիւնովը լեցուած, Արեւմուտքը ու հարաւը պիտի ժառանգէ»։ Ու Ասերին համար ըսաւ. «Ասերը որդիներէ օրհնուի. Իր եղբայրներուն հաճոյ ըլլայ, Ու ոտքը իւղի մէջ թաթխէ։ Քու կօշիկներդ երկաթէ ու պղնձէ ըլլան Եւ քու ոյժդ քու օրերուդ չափ ըլլայ։ Իսրայէլի Աստուծոյն պէս չկայ, Անիկա քեզի օգնութիւն ընելու համար Իր մեծավայելչութիւնովը երկինքներու Եւ ամպերու վրայ կը նստի։ Յաւիտենական Աստուածը քեզի ապաւէն է Ու անոր յաւիտենական բազուկները քեզի պաշտպան են՝ ՝. Քանզի թշնամիները քու առջեւէդ պիտի վռնտէ Ու ‘ Զանոնք կոտրէ’ պիտի ըսէ։ Եւ Իսրայէլը ապահովութեամբ առանձին պիտի բնակի. Յակոբին աղբիւրը ցորենի ու գինիի երկրին մէջ պիտի ըլլայ Ու անոր երկնքէն ցօղ պիտի կաթի։ Երանի՜ քեզի, ո՛վ Իսրայէլ. ո՞ր ժողովուրդը քեզի պէս Տէրոջը ձեռքով փրկուած է. Վասն զի քու օգնութեանդ ասպարը Ու յաղթութեանդ սուրը անիկա է. Քու թշնամիներդ քու առջեւդ պիտի խոնարհին Ու անոնց բարձր տեղերուն վրայ պիտի կոխես»։ Մովսէս Մովաբի դաշտերէն Նաբաւ լերանը վրայ Երիքովի դիմացի Փասգայի գագաթը ելաւ եւ Տէրը անոր ցուցուց բոլոր Գաղաադի երկիրը մինչեւ Դան, Նաեւ բոլոր Նեփթաղիմը ու Եփրեմի եւ Մանասէի երկիրը ու Յուդայի բոլոր երկիրը մինչեւ արեւմտեան ծովը Եւ հարաւային կողմն ու Երիքովի հովիտին դաշտը ու Արմաւենիներու քաղաքը մինչեւ Սեգովր։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Այս է այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդում ըրի՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զանիկա’։ Ահա քու աչքերուդ ցուցուցի, բայց դուն հոն պիտի չանցնիս»։ Այսպէս Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ հոն Մովաբի երկրին մէջ, Տէրոջը ըսածին պէս մեռաւ։ Տէրը զայն Բեթփեգովրի դէմ, Մովաբի երկիրը ձորի մը մէջ թաղեց ու մինչեւ այսօր ոեւէ մարդ անոր գերեզմանին տեղը չգիտցաւ։ Եւ Մովսէս իր մեռած ատենը հարիւր քսան տարեկան էր. անոր աչքերը չտկարացան ու անոր ոյժը չգնաց։ Իսրայէլի որդիները Մովաբի դաշտերուն մէջ Մովսէսին համար երեսուն օր լացին ու Մովսէսին համար սուգի եւ լացի օրերը լմնցան։ Եւ Նաւէին որդին Յեսու իմաստութեան հոգիով լեցուեցաւ, որովհետեւ Մովսէս իր ձեռքերը անոր վրայ դրեր էր ու Իսրայէլի որդիները անոր հնազանդեցան եւ ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, այնպէս ըրին։ Անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ ուրիշ մարգարէ մը չեղաւ Մովսէսին պէս, որը Տէրը երես առ երես ճանչցաւ Եւ Տէրոջ կողմէ Եգիպտոս ղրկուեցաւ նշաններով ու հրաշքներով Փարաւոնին, ծառաներուն եւ ամբողջ երկրին առջեւ ընելու Եւ որը զօրաւոր ձեռքով եւ մեծ սոսկումով ըրաւ Իսրայելացիներուն աչքին առջեւ։ Տէրոջը ծառային Մովսէսին մահէն ետքը՝ Տէրը Մովսէսին սպասաւորին Նաւէի որդիին Յեսուին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ. հիմա ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։ Ձեր ոտքին բոլոր կոխած տեղերը ձեզի պիտի տամ, ինչպէս Մովսէսին ըսի՝ Անապատէն ու Լիբանանէն մինչեւ մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը, Քետացիներուն բոլոր երկիրը մինչեւ մեծ ծովը արեւմտեան կողմը՝ ձեր սահմանը պիտի ըլլայ։ Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ մա՛րդ մը պիտի չկրնայ քեզի դէմ դնել։ Ինչպէս Մովսէսին հետ էի, քեզի հետ ալ այնպէս պիտի ըլլամ։ Քեզ պիտի չթողում ու քեզ անտես պիտի չընեմ։ Զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը քու առաջնորդութեամբդ պիտի ժառանգէ այն երկիրը, որուն համար իրենց հայրերուն երդում ըրի, որ իրենց տամ։ Միայն թէ զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր, որպէս զի իմ ծառայիս Մովսէսին բոլոր քեզի պատուիրած օրէնքը պահես ու կատարես. անկէ աջ կամ ձախ կողմ մի՛ խոտորիր, որպէս զի քու ամէն երթալու տեղդ յաջողութիւն գտնես՝ ՝։ Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես։ Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս»։ Անկէ ետքը Յեսու ժողովուրդին ոստիկաններուն պատուիրելով՝ ըսաւ. «Բանակին մէջէն անցէ՛ք ու ժողովուրդին ապսպրեցէք. ‘Ձեզի պաշար պատրաստեցէ՛ք. քանզի երեք օրէն յետոյ դուք այս Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի երթաք ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի իբր ժառանգութիւն պիտի տայ’»։ Յեսու Ռուբէնեաններուն ու Գադեաններուն եւ Մանասէի կէս ցեղին ըսաւ. «Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ ձեզի պատուիրեց՝ ըսելով. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ հանգստացուց ու այս երկիրը ձեզի տուաւ։ Ձեր կիները, ձեր տղաքները եւ ձեր անասունները թող բնակին այն երկրին մէջ, որ Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը. բայց դուք ամէնքդ, որ ուժով կտրիճներ էք, սպառազինեալ ձեր եղբայրներուն առջեւ անցնելով, անոնց օգնեցէք Մինչեւ որ Տէրը ձեր եղբայրներն ալ ձեզի պէս հանգստացնէ եւ անոնք ալ ժառանգեն այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը անոնց պիտի տայ ու ետքը ձեր ժառանգութեան երկիրը դարձէք եւ ժառանգեցէք զանիկա, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի արեւելք’»։ Անոնք Յեսուին պատասխան տուին ու ըսին. «Քու բոլոր պատուիրածներդ պիտի ընենք եւ ուր որ մեզ ղրկես՝ պիտի երթանք։ Ինչպէս Մովսէսին հնազանդ էինք, այնպէս ալ քեզի հնազանդ պիտի ըլլանք. միայն թէ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս Մովսէսին հետ էր։ Ամէն մարդ, որ քու հրամանիդ դէմ դնէ եւ ամէն ինչ որ անոր պատուիրես՝ քու խօսքերդ մտիկ չընէ, թող մեռցուի. միայն թէ զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր»։ Նաւէի որդին Յեսու Սատիմէն երկու մարդ ղրկեց՝ ծածկաբար երկիրը լրտեսելու համար ու անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք այն երկիրը ու Երիքովը քննեցէք»։ Անոնք գացին ու Ռախաբ անունով պոռնիկ կնոջ մը տունը մտան եւ հոն մնացին։ Այն ատեն Երիքովի թագաւորին լուր տրուեցաւ՝ ըսելով. «Ահա այս գիշեր երկիրը լրտեսելու համար Իսրայէլի որդիներէն մարդիկ եկեր են հոս»։ Երիքովի թագաւորը Ռախաբին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Քեզի եկող ու տունդ մտնող մարդիկը դուրս հանէ՛. քանզի անոնք այս բոլոր երկիրը լրտեսելու եկեր են»։ Կինը այն երկու մարդը առաւ պահեց ու ըսաւ. «Իրաւ այն մարդիկը ինծի եկան, բայց ուրկէ ըլլալնին չգիտցայ Ու դռներուն գոցուելու ատենը, մութին, այն մարդիկը դուրս ելան։ Անոնց ուր երթալը չեմ գիտեր։ Շուտով անոնց ետեւէն գացէք, որպէս զի անոնց հասնիք»։ Իսկ ինք տանիքը հանելով զանոնք, պահեր էր վուշի ցօղուններու մէջ, որոնք տանիքին վրայ դիզուած էին։ Ուստի թագաւորին մարդիկը մինչեւ Յորդանանի անցքերը անոնց ետեւէն գացին։ Լրտեսներուն ետեւէն գացողներուն դուրս ելլելէն ետքը՝ դուռը գոցեցին։ Լրտեսները դեռ չէին քնացած, երբ կինը տանիք ելաւ անոնց քով Եւ ըսաւ. «Ես գիտեմ որ Տէրը այս երկիրը ձեզի տուաւ ու ձեր վախը մեր վրայ ինկաւ եւ ձեր պատճառով այս երկրին բնակիչները հալեցան։ Քանզի մենք լսեցինք թէ ի՛նչպէս Տէրը ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը Կարմիր ծովուն ջուրերը ձեր առջեւէն ցամքեցուց. նաեւ ինչ որ դուք ըրիք Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն՝ Սեհոնին ու Ովգին՝ որոնք բնաջինջ ըրիք։ Ուստի այս բաները լսածնուս պէս սրտերնիս հալեցաւ ու ձեր երեսէն վախնալով մէկո՛ւն վրայ համարձակութիւն չմնաց. քանզի ձեր Եհովա Աստուածը՝ վերը երկնքին մէջ ու վարը երկրի վրայ՝ միայն ինքն է Աստուած։ Հիմա կ’աղաչեմ, Տէրոջմով երդում ըրէք ինծի, որ ես ձեզի ողորմութիւն ընելուս համար, դուք ալ իմ հօրս տանը ողորմութիւն պիտի ընէք եւ ինծի վստահելի նշան մը տուէք, Որ իմ հայրս, մայրս, եղբայրներս, քոյրերս ու բոլոր իրենց պատկանողները ողջ պիտի թողուք եւ մեր անձը մահուանէ պիտի ազատէք»։ Լրտեսները անոր ըսին. «Եթէ այս մեր բանը չյայտնէք, ձեր տեղը մեր անձերը մեռնին։ Երբ Տէրը այս երկիրը մեզի տայ, քեզի ողորմութիւն ու հաւատարմութիւն պիտի ընենք»։ Այն ատեն զանոնք պարանով մը պատուհանէն վար իջեցուց. (քանզի իր տունը բերդին պարսպին վրայ էր ու ինք պարսպին վրայ կը բնակէր.) Եւ անոնց ըսաւ. «Լեռը գացէ՛ք, չըլլայ որ հալածողները ձեզի հանդիպին ու հոն երեք օր պահուեցէ՛ք, մինչեւ որ հալածողները ետ դառնան, անկէ յետոյ ձեր ճամբան գացէ՛ք»։ Լրտեսները անոր ըսին. « Ահա մենք այդ մեզի ընել տուած երդումէդ այս կերպով անպարտ ըլլանք. Երբ մենք այս երկիրը մտնենք, այս կարմիր պարանը այն պատուհանին վրայ կապէ, ուրկէ մեզ իջեցուցիր եւ քու հայրդ, մայրդ, եղբայրներդ ու քու հօրդ բոլոր տունը քու քովդ այս տանը մէջ հաւաքէ ու մենք քեզի հետ ողորմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ պիտի վարուինք։ Բայց անոնցմէ ով որ քու տանդ դռնէն դուրս ելլէ, անոր արիւնը իր գլխուն վրայ ըլլայ. մենք անպարտ պիտի ըլլանք. բայց քու քովդ այս տանը մէջ բոլոր եղողներուն եթէ ձեռք մը դպչի, անոնց արիւնը մեր գլխուն վրայ ըլլայ։ Եւ եթէ այս մեր բանը մէկուն յայտնես, այն ատեն քու մեզի ընել տուած երդումէդ անպարտ պիտի ըլլանք»։ Կինը ըսաւ. «Ձեր խօսքերուն պէս թող ըլլայ»։ Թողուց զանոնք ու անոնք գացին։ Այն կարմիր պարանը պատուհանին վրայ կապեց։ Եւ անոնք անկէ լեռնակողմը գացին ու հոն երեք օր նստան, մինչեւ որ հալածողները ետ դարձան։ Հալածողները զանոնք ամէն ճամբու մէջ փնտռեցին, բայց չգտան։ Այն ատեն այն երկու մարդիկը ետ դառնալով՝ լեռնէն վար իջան եւ անցնելով՝ Նաւէի որդիին Յեսուին գացին ու իրենց պատահած բոլոր բաները անոր պատմեցին։ Եւ ըսին. «Իրաւցընէ Տէրը այն բոլոր երկիրը մեր ձեռքը տուաւ ու այն երկրին բոլոր բնակիչները մեր երեսէն հալեցան»։ Յեսու առտուն կանուխ ելաւ։ Ինք ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Սատիմէն չուեցին ու մինչեւ Յորդանան եկան եւ անցնելէ առաջ հոն իջեւանեցան։ Երեք օր յետոյ ոստիկանները բանակին մէջէն անցան Եւ ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսին. «Երբ ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտին տապանակը տեսնէք ու Ղեւտացի քահանաները՝ որոնք զանիկա կը տանին, դուք ալ ձեր տեղերէն ելէք ու անոր ետեւէն գացէք։ Բայց ձեր ու անոր մէջտեղ երկու հազար կանգունի չափ միջոց պէտք է ըլլայ։ Անոր չմօտենաք, որպէս զի երթալու ճամբանիդ գիտնաք. քանզի ասկէ առաջ այս ճամբայէն անցած չէք»։ Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Սրբեցէ՛ք ձեր անձերը. քանզի Տէրը վաղը ձեր մէջ հրաշքներ պիտի ընէ»։ Անկէ յետոյ Յեսու քահանաներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ուխտին տապանակը վերցուցէ՛ք ու ժողովուրդին առջեւէն քալեցէ՛ք» Անոնք ուխտին տապանակը վերցուցին ու ժողովուրդին առջեւէն գացին։ Տէրը ըսաւ Յեսուին. «Այսօր պիտի սկսիմ բոլոր Իսրայէլի աչքին առջեւ քեզ մեծցնել, որպէս զի գիտնան թէ ինչպէս Մովսէսին հետ էի, այնպէս ալ քեզի հետ պիտի ըլլամ։ Հիմա դուն ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն պատուիրէ՛ ու ըսէ՛. ‘Երբ Յորդանանի ջուրին եզերքը հասնիք, Յորդանանի մէջ կայնեցէ՛ք’»։ Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Հոս մօտեցէք եւ ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքերը լսեցէք»։ Ու Յեսու ըսաւ. «Ասով պիտի գիտնաք, թէ կենդանի Աստուածը ձեր մէջն է ու ձեր առջեւէն Քանանացիները, Քետացիները, Խեւացիները, Փերեզացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիներն ու Յեբուսացիները պիտի վռնտէ։ Ահա բոլոր երկրի Տէրոջը ուխտին տապանակը ձեր առջեւ պիտի մտնէ Յորդանանի մէջ։ Հիմա դուք Իսրայէլի ցեղերէն տասներկու մարդ առէք, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ։ Ու երբ բոլոր երկրի Եհովա Տէրոջը տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը Յորդանանի ջուրին մէջ մտնեն, Յորդանանի ջուրը պիտի կտրի ու վերէն իջնող ջուրը կարկառակոյտի մը պէս պիտի կայնի»։ Երբ ժողովուրդը Յորդանանէն անցնելու համար իրենց վրաններէն չուեցին, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները ժողովուրդին առջեւէն կ’երթային ։ Երբ տապանակը վերցնողները Յորդանան հասան ու տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը ջուրին մէջ մխուեցան՝ (վասն զի հունձքի բոլոր ժամանակը Յորդանանի ջուրը առատանալով իր բոլոր եզերքները կը կոխէ,) Վերէն իջնող ջուրը կայնեցաւ ու Սարթանի քով եղող Ադամ քաղաքէն շատ հեռու կարկառակոյտի մը պէս բարձրացաւ ու դաշտի ծովը, այսինքն Աղի ծովը, իջնողը կտրեցաւ, լմնցաւ։ Եւ ժողովուրդը Երիքովի դիմաց անցաւ։ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ ցամաքի վրայ հաստատ կայնեցան, մինչեւ որ բոլոր Իսրայէլ ցամաքով Յորդանանէն անցաւ։ Երբ ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ, Տէրը խօսեցաւ Յեսուին ու ըսաւ. «Ժողովուրդէն տասներկու մարդ առէք, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ Ու անոնց պատուիրելով ըսէք. ‘Ասկէ Յորդանանի մէջէն, քահանաներուն ոտքերուն ամուր կեցած տեղէն, ձեզի տասներկու քար վերցուցէք եւ զանոնք ձեզի հետ տարէք ու դրէք այն տեղը՝ ուր այս գիշեր իջեւան պիտի ընէք’»։ Յեսու Իսրայէլի որդիներէն իր որոշած տասներկու մարդիկը կանչեց, ամէն ցեղէ մէկմէկ մարդ Ու Յեսու անոնց ըսաւ. «Յորդանանի մէջ ձեր Տէր Աստուծոյն տապանակին առջեւ անցէք ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը՝ ամէն մէկդ ձեր ուսերուն վրայ մէկմէկ քար վերցուցէք անկէ. Որպէս զի ասիկա ձեր մէջ նշան ըլլայ ու երբ վաղը ձեր որդիները ձեզի հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ՝ ‘Այս քարերը ի՞նչ պիտի ըլլան ձեզի’, Անոնց ըսէք. ‘Քանի որ Տէրոջը ուխտի տապանակին առջեւէն Յորդանանի ջուրերը կտրուեցան. երբ անիկա Յորդանանէն կ’անցնէր՝ Յորդանանի ջուրը կտրուեցաւ. այս քարերը Իսրայէլի որդիներուն մէջ յիշատակի համար պիտի ըլլան յաւիտեան’»։ Եւ Իսրայէլի որդիները Յեսուի պատուիրածին պէս ըրին ու Յորդանանի մէջէն տասներկու քար առին, Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, ինչպէս Տէրը Յեսուին հրամայեր էր եւ զանոնք իրենց հետ իջեւանին տեղը տարին ու հոն դրին։ Եւ Յեսու ուրիշ տասներկու քարեր ալ կանգնեցուց Յորդանանի մէջ, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերուն կեցած տեղը, որոնք մինչեւ այսօր հեն են։ Տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ կայնեցան, մինչեւ որ լմնցաւ այն բոլոր խօսքը, որ Տէրը Յեսուին պատուիրեց, որ ժողովուրդին ըսէ, ինչպէս Մովսէս Յեսուին պատուիրեր էր ժողովուրդը արտորալով անցաւ։ Ու երբ ժողովուրդին անցնիլը լմնցաւ, այն ատեն Տէրոջը տապանակն ու քահանաները ժողովուրդին առջեւ անցան։ Ռուբէնին որդիները ու Գադին որդիները եւ Մանասէին կէս ցեղը սպառազինեալ՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ անցան, ինչպէս Մովսէս անոնց ըսեր էր. Քառասուն հազարի չափ պատրաստուած զօրք Տէրոջը առջեւ՝ պատերազմի համար Երիքովի դաշտը անցան։ Նոյն օրը Տէրը բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջեւ Յեսուն մեծցուց ու անոր կեանքին բոլոր օրերուն որքան Մովսէսէն կը վախնային, այնքան Յեսուէն վախցան, Տէրը խօսեցաւ Յեսուին՝ ըսելով. «Վկայութեան տապանակը վերցնող քահանաներուն հրաման ըրէ որ Յորդանանէն ելլեն»։ Ուստի Յեսու քահանաներուն հրամայեց ու ըսաւ. «Յորդանանէն ելէք»։ Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջէն ցամաք ելան եւ քահանաներուն ոտքերուն թաթերը ցամաքի վրայ կոխեցին, Յորդանանի ջուրը իր տեղը դարձաւ ու առաջուան պէս իր բոլոր եզերքները ողողեց։ Առաջին ամսուան տասներորդ օրը ժողովուրդը Յորդանանէն դուրս ելլելով, Գաղգաղայի մէջ Երիքովի արեւելեան կողմը իջեւան ըրին։ Այն տասներկու քարը, որոնք Յորդանանէն առեր էին, Յեսու Գաղգաղայի մէջ կանգնեցուց Եւ Իսրայէլի որդիներուն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Վաղը եթէ ձեր որդիները իրենց հայրերուն հարցնելու ըլլան ու ըսեն թէ՝ ‘Այս քարերը ի՞նչ են’, Ձեր տղոց իմացնէք՝ ըսելով. ‘Իսրայէլ Յորդանանէն ցամաքով անցաւ’։ Որովհետեւ ձեր Տէր Աստուածը ձեր առջեւէն Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուց մինչեւ որ դուք անցաք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը Կարմիր ծովուն մէջ ալ ըրաւ, որը ցամքեցուց մեր առջեւէն մինչեւ որ մենք անցանք. Որպէս զի երկրի բոլոր ազգերը գիտնան թէ Տէրոջը ձեռքը զօրաւոր է։ Դուք ձեր Տէր Աստուծմէն միշտ վախցէք»։ Երբ լսեցին Ամօրհացիներուն բոլոր թագաւորները, որոնք Յորդանանի ասդին արեւմտեան կողմը կը բնակէին ու Քանանացիներուն բոլոր թագաւորները, որոնք ծովեզերքին քով կը բնակէին, թէ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն, մինչեւ անոնց անցնիլը, Յորդանանի ջուրերը ցամքեցուցեր է, անոնց սիրտը հալեցաւ ու Իսրայէլի որդիներուն երեսէն անոնց վրայ համարձակութիւն չմնաց։ Այն ատեն Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Քեզի գայլախազէ դանակներ շինէ ու դարձիր Իսրայէլի որդիները նորէն թլփատէ»։ Յեսու իրեն գայլախազէ դանակներ շինեց ու Բլուր Անթլփատութեան ըսուած տեղը Իսրայէլի որդիները թլփատեց։ Այս է պատճառը, որուն համար Յեսու զանոնք թլփատեց։ Ժողովուրդին բոլոր արուները, որոնք Եգիպտոսէն ելան եւ բոլոր պատերազմող մարդիկը, Եգիպտոսէն ելլելէ ետքը անապատին մէջ՝ ճամբան՝ մեռան։ Այդ բոլոր ժողովուրդը թլփատուած էր. բայց Եգիպտոսէն ելլելէ ետքը անապատին մէջ՝ ճամբան ծնած ժողովուրդը չէր թլփատուած։ Քանզի Իսրայէլի որդիները քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտեցան, մինչեւ որ Տէրոջը խօսքին անհնազանդ եղող բոլոր ազգը, այսինքն Եգիպտոսէն ելլող պատերազմիկները սպառեցան, որովհետեւ Տէրը անոնց համար երդում ըրաւ որ այն երկիրը անոնց չցուցնէ՝ այն կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր՝ մեզի տալու։ Ուստի անոնց տեղ անոնց զաւակները հանեց ու զանոնք թլփատեց Յեսու. քանզի անթլփատ էին, որովհետեւ ճամբուն մէջ թլփատած չէին զանոնք։ Երբ բոլոր ժողովուրդին թլփատուիլը լմնցաւ, բանակին մէջ իրենց տեղը նստան մինչեւ որ առողջացան։ Այն ատեն Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Այսօր Եգիպտոսին նախատինքը ձեր վրայէն վերցուցի»։ Ուստի այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Գաղգաղա ըսուեցաւ։ Իսրայէլի որդիները Գաղգաղայի մէջ բնակեցան ու ամսուան տասնըչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ՝ Երիքովի դաշտերուն մէջ զատիկը ըրին։ Զատկին հետեւեալ օրը կերան այն երկրին պտուղէն ու բաղարջ. նոյն օրը բոհրած ցորեն ալ կերան ։ Հետեւեալ օրը, երբ այն երկրին պտուղէն կերան, մանանան դադրեցաւ։ Անկէ ետքը Իսրայէլի որդիները ա՛լ մանանայ չստացան։ Այն տարին Քանանի երկրին պտուղէն կերան։ Երբ Յեսու Երիքովի մօտ էր, աչքերը վերցնելով տեսաւ որ ահա իր դէմ մարդ մը կայներ էր, որուն ձեռքը մերկ սուր մը կար։ Յեսու անոր մօտենալով՝ անոր ըսաւ. «Մեզմէ՞ ես թէ մեր թշնամիներէն ես»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, այլ ես Տէրոջը զօրավարն եմ ու հիմա եկայ»։ Յեսու երեսի վրայ գետինը ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ անոր եւ ըսաւ. «Իմ Տէրս իր ծառային ի՞նչ կը հրամայէ»։ Տէրոջը զօրավարը Յեսուին ըսաւ. «Ոտքերէդ կօշիկներդ հանէ, քանզի կայնած տեղդ սուրբ է»։ Յեսու հանեց կօշիկները։ Երիքով Իսրայէլի որդիներուն պատճառով ամուր կերպով փակուած էր. ելլող ու մտնող չկար։ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Նայէ՛, Երիքովն ու անոր թագաւորը եւ զօրաւոր կտրիճները քու ձեռքդ տուի։ Ուստի բոլոր պատերազմիկները ա՛ռ եւ վեց օր՝ օրական մէկ անգամ քաղաքին բոլորտիքը դարձէք Եւ տապանակին առջեւ եօթը քահանայ՝ եօթը Յոբելեան փողերը առնեն ու եօթներորդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ դարձէք։ Քահանաները թող փողերը հնչեցնեն։ Երբ Յոբելեան եղջիւրները երկար հնչեցնեն եւ դուք փողերուն ձայնը լսէք, բոլոր ժողովուրդը մեծ ձայնով թող աղաղակեն եւ այն ատեն քաղաքին պարիսպները վար պիտի իյնան ու ժողովուրդը շիտակ յառաջ երթալով ներս թող մտնէ»։ Նաւէի որդին Յեսու քահանաները կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Ուտին տապանակը վերցուցէք ու Տէրոջը տապանակին առջեւէն եօթը քահանայ եօթը Յոբելեան փողեր թող առնեն»։ Ետքը ժողովուրդին ըսաւ. «Անցէք ու քաղաքին բոլորտիքը պտըտեցէք։ Զինուորները Տէրոջը տապանակին առջեւէն թող քալեն»։ Երբ Յեսու ժողովուրդին պատուիրեց, եօթը քահանաները, որոնք եօթը Յոբելեան փողերը ունէին, Տէրոջը առջեւ անցնելով փողերը հնչեցուցին ու Տէրոջը ուխտին տապանակը անոնց ետեւէն կ’երթար։ Զինուորները փողերը հնչեցնող քահանաներուն առջեւէն կ’երթային, բայց վերջապահները՝ տապանակին ետեւէն ու քահանաները փողերը հնչեցնելով կ’երթային։ Յեսու ժողովուրդին պատուիրելով՝ ըսաւ. « Բնաւ աղաղակ մի՛ հանէք, թող ձայներնիդ չլսուի ու ձեր բերնէն խօսք մը չելլէ, մինչեւ այն օրը որ ես ձեզի ըսեմ թէ ‘Աղաղակեցէք’. այն ատեն աղաղակեցէք»։ Տէրոջը տապանակին քաղաքին բոլորտիքը մէկ անգամ պտըտելէն յետոյ, դարձան ու գիշերը բանակին մէջ մնացին։ Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու քահանաները Տէրոջը տապանակը վերցուցին։ Եօթը Յոբելեան փողերը կրող եօթը քահանաները Տէրոջը տապանակին առջեւէն կ’երթային՝ փողերը հնչեցնելով ու զինուորները անոնց առջեւէն կ’երթային ու վերջապահները՝ Տէրոջը տապանակին ետեւէն եւ քահանաները փողերը հնչեցնելով կ’երթային։ Երկրորդ օրն ալ քաղաքին բոլորտիքը մէկ անգամ պտըտելով բանակը դարձան։ Վեց օր այսպէս ըրին։ Եօթներորդ օրը կանուխ ելան՝ արշալոյսին ծագած ատենը ու քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ պտըտեցան նոյն կերպով, միայն այդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ պտըտեցան։ Ու եօթներորդ անգամին երբ քահանաները փողերը հնչեցուցին, Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Աղաղակեցէք, քանզի Տէրը այս քաղաքը ձեր ձեռքը տուաւ։ Քաղաքն ու բոլոր անոր մէջ եղածները Տէրոջմէ նզովուած ըլլան, միայն Ռախաբ պոռնիկը մեր ղրկած լրտեսները պահելուն համար ողջ թող մնայ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իրեն հետ տանը մէջ բոլոր եղողները։ Բայց դուք ամէն կերպով զգուշացէ՛ք նզովուածէն. չըլլայ որ նզովուածէն առնելով դուք ալ նզովուած ըլլաք ու Իսրայէլի բանակը նզովքի մէջ ձգելով՝ զանիկա նեղութեան մէջ ձգէք։ Բոլոր արծաթն ու ոսկին եւ պղնձէ ու երկաթէ ամանները Տէրոջը համար սուրբ ըլլան. Տէրոջը գանձը մտնեն»։ Ժողովուրդը աղաղակեց, որովհետեւ փողերը հնչուեցան։ Երբ ժողովուրդը փողերուն ձայնը լսեց ու բարձրաձայն աղաղակեց, պարիսպները վար ինկան։ Ժողովուրդը շիտակ յառաջ քաղաքը մտնելով՝ քաղաքը առին։ Ու քաղաքին մէջի բոլոր այր եւ կին, երիտասարդ եւ ծեր, արջառ, ոչխար ու էշ սուրի բերնէ անցընելով կորսնցուցին։ Յեսու այն երկիրը լրտեսող երկու մարդոցն ըսաւ. «Այն պոռնիկ կնոջ տունը գացէք ու ինչպէս անոր երդում ըրիք, կինն ու անոր ամէն ունեցածը անկէ դուրս հանեցէք»։ Ուստի այն լրտես երիտասարդները գացին ու Ռախաբը եւ անոր հայրն ու մայրը ու եղբայրները եւ անոր ամէն ունեցածը դուրս հանեցին ու անոր բոլոր ազգատոհմն ալ դուրս հանեցին եւ զանոնք Իսրայէլի բանակէն դուրս կեցուցին։ Քաղաքը եւ բոլոր անոր մէջ եղածը կրակով այրեցին, միայն արծաթն ու ոսկին եւ պղնձէ ու երկաթէ ամանները Տէրոջը տանը գանձին մէջ դրին։ Այսպէս Յեսու ողջ պահեց Ռախաբ պոռնիկն ու անոր հօրը տունը եւ անոր ամէն ունեցածը ու անիկա Իսրայէլի մէջ կը բնակի մինչեւ այսօր. քանզի անիկա պահեց այն լրտեսները, որոնք Յեսու ղրկեր էր Երիքովը լրտեսելու համար։ Եւ այն ատեն Յեսու երդում ընելով՝ ըսաւ. «Տէրոջը առջեւ անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ ելլէ ու այս Երիքով քաղաքը շինէ. իր անդրանիկով անոր հիմերը դնէ ու անոր դռներն ալ իր պզտիկ տղայով կանգնեցնէ»։ Եւ Տէրը Յեսուին հետ էր ու անոր համբաւը բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ։ Բայց Իսրայէլի որդիները նզովուած բաներու պատճառով յանցանք գործեցին. քանզի Յուդայի ցեղէն Զարայի որդիին Զարդիին որդիին Քարմիին որդին Աքար նզովուածէն առաւ։ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի որդիներուն վրայ բորբոքեցաւ։ Յեսու Երիքովէն մարդիկ ղրկեց դէպի Գայի, որ Բեթաւանի մօտ է՝ Բեթէլի արեւելեան կողմը եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ելէ՛ք ու այն երկիրը լրտեսեցէ՛ք»։ Անոնք ելան ու Գային լրտեսեցին։ Եւ Յեսուին դարձան ու անոր ըսին. «Բոլոր ժողովուրդը պէտք չէ ելլէ, միայն երկու կամ երեք հազար մարդ կը բաւէ Գային զարնելու համար։ Բոլոր ժողովուրդը հոն տանելով մի՛ յոգնեցներ. քանզի անոնք քիչուոր են»։ Ուստի ժողովուրդէն երեք հազարի չափ մարդ հոն գացին, բայց Գայիի մարդոց առջեւէն փախան։ Եւ Գայիի մարդիկը անոնցմէ երեսունըվեց մարդու չափ զարկին, քանզի զանոնք դրանը առջեւէն մինչեւ Սեբարիմ հալածեցին ու զառիվայրին վրայ զանոնք զարկին. ուստի ժողովուրդին սիրտը հալեցաւ ու ջուրի պէս եղաւ։ Յեսու իր հանդերձները պատռելով Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկաւ մինչեւ իրիկուն, թէ՛ ինք եւ թէ՛ Իսրայէլի ծերերը ու իրենց գլխուն վրայ հող ցանեցին։ Յեսու ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ինչո՞ւ համար այս ժողովուրդը Յորդանանի ասդիի կողմը անցուցիր, որպէս զի մեզ Ամօրհացիներուն ձեռքը մատնես ու մեզ կորսնցնե՞ս. երանի՜ թէ գոհ ըլլալով Յորդանանի անդիի կողմը մնայինք։ Ո՜հ, Տէ՛ր, Իսրայէլ իր թշնամիներուն առջեւ կռնակ դարձնելէ յետոյ՝ ալ ես ի՞նչ ընեմ. Որովհետեւ Քանանացիները ու երկրին բոլոր բնակիչները լսելով՝ մեզ պիտի պաշարեն ու մեր անունը երկրի վրայէն բոլորովին պիտի վերցնեն. այն ատեն քու մեծ անունդ ի՞նչ պիտի ընես»։ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Ոտքի վրայ ելի՛ր. ինչո՞ւ համար այսպէս երեսիդ վրայ ինկեր ես. Իսրայէլ մեղք գործեց եւ իմ հրամայած ուխտս զանց ըրին. քանզի նզովուածէն առին ու գողութիւն ըրին եւ սուտ խօսեցան ու իրենց կարասիներուն մէջ դրին։ Ուստի Իսրայէլի որդիները պիտի չկրնան իրենց թշնամիներուն առջեւ կենալ. իրենց թշնամիներուն առջեւ կռնակ պիտի դարձնեն, քանզի նզովուած եղան եւ ա՛լ ձեզի հետ պիտի չըլլամ, եթէ դուք նզովուածը ձեր մէջէն բնաջինջ չընէք»։ «Ելի՛ր, ժողովուրդը սրբէ՛ ու ըսէ՛ ‘Վաղուան համար սրբուեցէ՛ք. քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Ով Իսրայէլ, ձեր մէջ նզովուած կայ. մինչեւ որ նզովուածը ձեր մէջէն չվերցնէք, ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի չկրնաք կենալ»։ Ուստի առտուն ձեր ցեղերով մօտեցէք ու Տէրը ո՛ր ցեղը վիճակով բռնէ, անիկա իր ազգատոհմերով թող մօտենայ եւ Տէրը ո՛ր ազգատոհմը բռնէ, անիկա իր տուներով թող մօտենայ ու Տէրը ո՛ր տունը բռնէ, անիկա իր մարդոցմով թող մօտենայ Եւ ով որ նզովուած բռնուի, կրակով թող այրուի, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր ամէն ունեցածը. քանզի Տէրոջը ուխտը զանց ըրաւ ու Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն ըրաւ»։ Ուստի Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու Իսրայէլը իր ցեղերովը մօտեցուց։ Յուդայի ցեղը բռնուեցաւ։ Յուդայի ազգատոհմերը մօտեցուց, Զարայեաններու ազգատոհմը բռնուեցաւ ու Զարայեաններու տոհմը իր մարդոցմովը մօտեցուց եւ Զարդի բռնուեցաւ. Ետքը անոր տունը իր մարդոցմովը մօտեցուց եւ Յուդայի ցեղէն Զարայի որդիին Զարդիի որդիին Քարմիի որդին Աքար բռնուեցաւ։ Այն ատեն Յեսու Աքարին ըսաւ. «Որդի՛ս, հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ փառք տուր ու քու մեղքդ անոր խոստովանէ՛ եւ քու ըրածդ հիմա ինծի յայտնէ՛, ինծմէ մի՛ պահեր»։ Աքար պատասխան տուաւ Յեսուին եւ ըսաւ. «Իրաւցընէ ես Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցի. ահա ըրածս։ Այսինքն աւարին մէջ աղուոր բանուած Բաբելոնի վերարկու մը ու երկու հարիւր սիկղ արծաթ եւ յիսուն սիկղի ծանրութեամբ ոսկի լեզու մը տեսայ ու ցանկանալով առի եւ ահա անոնք իմ վրանիս մէջ հողին տակ պահուած են ու արծաթը անոր տակն է»։ Ուստի Յեսու մարդիկ ղրկեց ու անոնք վրանը վազեցին եւ ահա վրանին մէջ պահուած գտան ու արծաթը անոր տակն էր. Զանոնք վրանին մէջէն առնելով Յեսուին ու Իսրայէլի բոլոր որդիներուն բերին եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ դրին։ Այն ատեն Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ՝ Զարայեան Աքարը ու այն արծաթը եւ վերարկուն ու ոսկի լեզուն եւ անոր տղաքը, աղջիկները, արջառները, էշերը, ոչխարները, վրանն ու անոր ամէն բանը առին եւ զանոնք Աքովրի ձորը հանեցին։ Յեսու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն մեզ նեղեցիր. Տէրը այսօր քեզ պիտի նեղէ», ուստի բոլոր Իսրայէլ զանոնք քարկոծելէ յետոյ կրակով այրեցին։ Ետքը անոր վրայ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին, որ կը կենայ մինչեւ այսօր։ Տէրը իր սաստիկ բարկութենէն դադրեցաւ։ Այս պատճառով այն տեղին անունը Աքովրի ձոր կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Մի վախնար ու մի՛ զարհուրիր. բոլոր պատերազմիկները քեզի հետ ա՛ռ ու դէպի Գայի գնա՛, քանզի Գայիի թագաւորն ու անոր ժողովուրդը եւ անոր քաղաքն ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի։ Երիքովի ու անոր թագաւորին ըրածիդ պէս Գայիի ու անոր թագաւորին ալ ըրէ, միայն անոր աւարն ու անասունները ձեզի առէ՛ք։ Քաղաքին ետեւի կողմէն դարաններ պատրաստէ»։ Յեսու ու բոլոր պատերազմողները ոտքի ելան, որպէս զի Գայիի վրայ երթան. Յեսու երեսուն հազար զօրաւոր մարդ ընտրեց ու զանոնք գիշերով ղրկեց։ Անոնց պատուիրելով՝ ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, դուք քաղաքին ետեւէն այն քաղաքին համար դարանի մէջ պիտի նստիք, քաղաքէն շատ մի հեռանաք եւ ամէնքդ ալ պատրաստ եղէ՛ք. Ես ինծի հետ եղող բոլոր ժողովուրդով քաղաքին պիտի մօտենամ ու երբ անոնք՝ առաջին անգամուան պէս՝ մեզի դէմ ելլեն, անոնց առջեւէն պիտի փախչինք։ Անոնք մեր ետեւէն պիտի գան, մինչեւ որ զանոնք քաղաքէն զատենք, որովհետեւ անոնք պիտի ըսեն՝ ‘Մեր առջեւէն փախան առաջին անգամուան պէս’։ Մենք անոնց առջեւէն պիտի փախչինք։ Այն ատեն դուք դարանէն կ’ելլէք ու քաղաքը կ’առնէք, քանզի ձեր Տէր Աստուածը զանիկա ձեր ձեռքը պիտի տայ։ Երբ քաղաքը առնէք, քաղաքը կրակով այրեցէ՛ք. Տէրոջը ըսածին պէս։ Ահա ձեզի պատուիրեցի»։ Յեսու զանոնք ղրկեց ու անոնք գացին դարանը նստան Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ, Գայիի արեւմտեան կողմը։ Յեսու այն գիշերը ժողովուրդին մէջ մնաց։ Յեսու առտուն կանուխ ելաւ ու ժողովուրդը աչքէ անցուց եւ ինք Իսրայէլի ծերերուն հետ ժողովուրդին առջեւէն դէպի Գայի գնաց. Իրեն հետ մնացող բոլոր պատերազմիկներն ալ ելան ու մօտենալով՝ քաղաքին առջեւ գացին ու Գայիի հիւսիսային կողմը բանակեցան։ Անոնց ու Գայիի մէջտեղ ձոր մը կար։ Յեսու հինգ հազարի չափ մարդ առաւ ու զանոնք դարանի մէջ նստեցուց Բեթէլի ու Գայիի մէջտեղ քաղաքին արեւմտեան կողմը։ Ու ժողովուրդը քաղաքին հիւսիսային կողմը կեցուց բոլոր բանակը։ Քաղաքին արեւմտեան կողմը՝ դարանակալները։ Յեսու այն գիշեր ձորին մէջ մնաց։ Երբ Գայիի թագաւորը զանիկա տեսաւ, քաղաքին մարդոցմով շուտով ու կանուխ դուրս ելաւ, որպէս զի ինք ու իր բոլոր ժողովուրդը որոշ ժամանակով մը դաշտի վրայ Իսրայէլի դէմ պատերազմին ու չէր գիտեր թէ քաղաքին ետեւը իրեն համար դարան պատրաստուած էր ։ Յեսու եւ բոլոր Իսրայէլ անոնց առջեւ զիրենք ծեծուածի պէս ցուցնելով՝ անապատին ճամբան փախան։ Քաղաքին մէջ եղող բոլոր ժողովուրդը հաւաքուեցաւ, որպէս զի զանոնք հալածեն ու Յեսուին ետեւէն իյնալով քաղաքէն հեռացան։ Գայիի ու Բեթէլի մէջ մարդ չմնաց, որ Իսրայէլի ետեւէն չերթայ, ուստի քաղաքը բաց թողուցին ու Իսրայէլի ետեւէն ինկան։ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Ձեռքդ եղած նիզակը դէպի քաղաքը երկնցուր, քանզի զանիկա քու ձեռքդ պիտի տամ»։ Յեսու ձեռքը եղած նիզակը դէպի քաղաքը երկնցուց Ու դարանակալները շուտով իրենց տեղէն ելան եւ անիկա իր ձեռքը երկնցուցածին պէս, վազեցին քաղաքը մտան ու առին զանիկա եւ շուտով քաղաքը կրակով բռնկցուցին։ Գայիի բնակիչները ետեւնին դարձան ու տեսան, որ քաղաքին ծուխը մինչեւ երկինք կ’ելլէր եւ իրենք հոս կամ հոն փախչելու կարողութիւն չունէին. քանզի անապատը փախչող ժողովուրդն ալ իր ետեւէն ինկողներուն վրայ դարձաւ։ Յեսու ու բոլոր Իսրայէլ երբ տեսան, որ դարանակալները քաղաքը առին ու քաղաքին ծուխը վեր կ’ելլէր, իրենք ալ ետ դարձան ու Գայիի մարդիկը զարկին։ Միւսներն ալ քաղաքէն անոնց դէմը ելան, ուստի մէկ կողմէ ասոնք ու միւս կողմէ ալ անոնք ըլլալով, Գայիի մարդիկը Իսրայելացիներուն մէջտեղ մնացին։ Զանոնք զարկին մինչեւ որ անոնցմէ մարդ մը ողջ չմնաց ու չազատեցաւ։ Գայիի թագաւորը ողջ բռնեցին ու զանիկա Յեսուին բերին։ Երբ Իսրայելացիները Գայիի բոլոր բնակիչները՝ զիրենք հալածողները՝ դաշտին ու անապատին մէջ ջարդեցին ու ամէնքն ալ սուրի բերնէ իյնալով հատան, բոլոր Իսրայելացիները Գայի դարձան ու զանիկա սուրի բերնէ անցուցին։ Այն օրը ինկածները, թէ՛ այր մարդ եւ թէ՛ կին մարդ, տասներկու հազար էին, այսինքն Գայիի բոլոր մարդիկը։ Յեսու նիզակով երկնցուցած ձեռքը ետ չքաշեց մինչեւ որ Գայիի բոլոր բնակիչները բնաջինջ ըրաւ։ Իսրայելացիները անասուններն ու քաղաքին աւարը իրենց առին, Տէրոջը Յեսուին հրամայած խօսքին համեմատ։ Եւ Յեսու Գային այրեց։ Անիկա մշտնջենական աւերակներու դէզ եղաւ մինչեւ այսօր։ Եւ Գայիի թագաւորը ծառէ մը կախեցին մինչեւ իրիկուն ու արեւին մտնելու ատենը՝ Յեսու հրամայեց որ անոր մեռած մարմինը ծառէն վար իջեցնեն եւ զանիկա քաղաքին դրանը առջեւ նետեցին ու անոր վրայ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին, որ կը կենայ մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Յեսու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն սեղան մը շինեց Գեբաղ լերան վրայ, Ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեր էր ու Մովսէսի օրէնքներու գրքին մէջ գրուածին պէս՝ Յեսու այս սեղանը ամբողջ քարերէ շինեց, որոնց վրայ երկաթ չէր դպած եւ անոր վրայ Տէրոջը ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։ Եւ հոն այն քարերուն վրայ գրեց Մովսէսին օրէնքներու գրքին օրինակը, որ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գրեց։ Ու բոլոր Իսրայէլ եւ անոնց ծերերն ու ոստիկանները եւ դատաւորները տապանակին մէկ կողմը ու միւս կողմը՝ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացի քահանաներուն առջեւէն կ’երթային, թէ՛ օտարականները եւ թէ՛ բնիկները. անոնց կէսը Գարիզին լերանը կողմը ու կէսն ալ Գեբաղ լերանը կողմը կայնեցան, ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս պատուիրեր էր, որպէս զի Իսրայէլի ժողովուրդը օրհնեն։ Անկէ յետոյ օրէնքին բոլոր խօսքերը կարդաց, թէ՛ օրհնութիւնները եւ թէ՛ անէծքները, ինչ որ գրուած էր օրէնքներու գրքին մէջ։ Մովսէսի բոլոր պատուէրներէն բնաւ խօսք մը չմնաց, որ Յեսու զանիկա Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին եւ անոնց կիներուն ու տղաքներուն եւ անոնց մէջ պտըտող օտարականին առջեւ չկարդայ։ Յորդանանի ասդիի կողմը եղող բոլոր թագաւորները, որոնք լերան վրայ, դաշտի վրայ ու մեծ ծովուն բոլոր եզերքը մինչեւ Լիբանանի դէմը կը բնակէին, այսինքն Քետացիները, Ամօրհացիները եւ Յեբուսացիները, այս բաները լսեցին, Միաբանութեամբ հաւաքուեցան որպէս զի Յեսուին ու Իսրայէլի դէմ պատերազմին։ Բայց Գաբաւոնի բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Յեսու Երիքովի ու Գայիի ըրեր էր, Իրենք ալ վարպետութիւն մը բանեցուցին. գացին պաշարներ պատրաստեցին ու իրենց էշերուն վրայ հին քուրձեր ու հին, պատռտած ու կարկտնուած գինիի տիկեր դրին Եւ իրենց ոտքերուն կօշիկները հինցած ու կարկտնուած էին ու վրանին ալ հին լաթեր առին եւ բոլոր իրենց պաշար առած հացը չորցած ու մգլոտած էր Ու Յեսուին բանակը գացին՝ Գաղգաղայի մէջ եւ անոր ու Իսրայէլի մարդոց ըսին. «Մենք հեռու երկրէ կու գանք. ուստի մեզի հետ դաշինք կնքեցէք»։ Այն ատեն Իսրայէլի մարդիկը այն Խեւացիներուն ըսին. «Թերեւս դուք մեր մէջ բնակիք, ձեզի հետ ի՞նչպէս դաշինք կնքենք»։ Բայց անոնք Յեսուին ըսին. «Մենք քու ծառաներդ ենք»։ Յեսու անոնց ըսաւ. «Դուք ո՞վ էք եւ ուրկէ՞ կու գաք»։ Անոնք ըսին. «Քու ծառաներդ խիստ հեռու երկրէ եկած ենք՝ քու Եհովա Աստուծոյդ անուանը համար, քանզի անոր համբաւը ու Եգիպտոսի մէջ բոլոր ըրածները լսեցինք։ Նաեւ Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներուն երկու թագաւորներուն, Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին ու Աստարովթ բնակող Բասանի Ովգ թագաւորին բոլոր ըրածները լսեցինք։ Մեր ծերերն ու մեր երկրին բոլոր բնակիչները մեզի խօսեցան ու ըսին. ‘Ձեռքերնիդ ճամբու համար պաշար առէք եւ զանոնք դիմաւորելու գացէք ու անոնց ըսէք. «Մենք ձեր ծառաներն ենք, հիմա մեզի հետ դաշինք կնքեցէք»’։ Այն օրը երբ մենք ելանք, այս պաշարի հացերնիս մեր տուներէն տաք տաք առինք եւ ահա հիմա չորցած ու մգլոտած են։ Այս գինիի տիկերը նոր էին, երբ լեցուցինք, բայց ահա պատռուած են ու այս մեր հանդերձները եւ կօշիկները ճամբուն խիստ երկայնութեանը համար հինցան»։ Անոնց պաշարին նայելով՝ այն մարդիկը ընդունեցին՝ ՝, առանց Տէրոջը հարցնելու։ Յեսու անոնց հետ խաղաղութիւն ըրաւ եւ ուխտեց որ զանոնք ապրեցնէ եւ ժողովուրդին իշխաններն ալ անոնց երդում ըրին։ Անոնց հետ դաշինք կնքելէ երեք օր յետոյ լսեցին թէ անոնք իրենց դրացիներն են ու իրենց մէջ կը բնակին։ Իսրայէլի որդիները չուելով՝ երրորդ օրը անոնց քաղաքները մտան ու անոնց քաղաքները Գաբաւոն, Կեփիրա, Բերովթ եւ Կարիաթարիմ էին։ Իսրայէլի որդիները զանոնք չզարկին, քանզի ժողովուրդին իշխանները Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոնց երդում ըրեր էին, բայց ժողովուրդը իշխաններուն դէմ տրտնջեցին։ Իշխանները բոլոր ժողովուրդին ըսին. «Մենք Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոնց երդում ըրինք ու չենք կրնար անոնց դպչիլ։ Անոնց այսպէս ընենք։ Զանոնք ողջ թողունք, որպէս զի մեր վրայ բարկութիւն չգայ անոնց երդում ընելնուս համար»։ Ուստի իշխանները անոնց ըսին. «Թող ողջ մնան, բայց բոլոր ժողովուրդին փայտահատներ ու ջրկիրներ ըլլան»։ Անոնք փայտահատներ ու ջրկիրներ եղան, ինչպէս իշխանները անոնց ըսին։ Յետոյ Յեսու զանոնք կանչեց ու անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար մեզ խաբեցիք ու ըսիք թէ շատ հեռուէն կու գանք, մինչդեռ մեր մէջ կը բնակէիք։ Ուրեմն դուք հիմա անիծեալ էք ու իմ Աստուծոյս տանը համար ձեզմէ ծառայ, փայտահատ ու ջրկիր թող չպակսի»։ Անոնք Յեսուին պատասխան տուին ու ըսին. «Քանզի քու ծառաներդ ստուգիւ իմացան, որ քու Եհովա Աստուածդ իր ծառային Մովսէսին խոստացեր էր այս երկիրը ձեզի տալու ու այս երկրին բոլոր բնակիչները ձեր առջեւէն բնաջինջ ընելու, ուստի մենք մեր անձերուն համար շատ վախցանք ու այս բանը ըրինք։ Ահա հիմա քու ձեռքդ ենք եւ քեզի ինչ որ հաճոյ ու արդար կ’երեւնայ, զայն ըրէ մեզի»։ Յեսու զանոնք Իսրայէլի որդիներուն ձեռքէն ազատեց ու զանոնք չմեռցուցին։ Յեսու նոյն օրը փայտահատ ու ջրկիր ըրաւ զանոնք ժողովուրդին ու Տէրոջը սեղանին համար, որպէս զի Տէրոջը ընտրելու տեղը ծառայեն մինչեւ վերջը։ Երբ Երուսաղէմի Ադոնիսեդեկ թագաւորը լսեց թէ Յեսու Գային առաւ ու զանիկա բոլորովին կործանեց եւ թէ ինչ որ Երիքովի ու անոր թագաւորին ըրաւ, Գայիի ու անոր թագաւորին ալ այնպէս ըրաւ եւ թէ Գաբաւոնի բնակիչները Իսրայելացիներու հետ հաշտութիւն կնքած են ու անոնց մէջ մնացած, Շատ վախցան ինք ու իր ժողովուրդը. քանզի Գաբաւոն թագաւորանիստ քաղաքի մը պէս մեծ քաղաք մըն էր ու անիկա Գայիէն մեծ էր եւ անոր բոլոր մարդիկը զօրաւոր էին։ Ասոր համար Երուսաղէմի Ադոնիսեդեկ թագաւորը Քեբրոնի Հօհամ թագաւորին, Յերիմութի Փիրամ թագաւորին ու Լաքիսի Յափիէ թագաւորին ու Էգղոնի Դաբիր թագաւորին մարդ ղրկեց, ըսելով. «Ինծի եկէ՛ք ու ինծի օգնութիւն ըրէք, որպէս զի Գաբաւոնը զարնենք. քանզի Յեսուի հետ ու Իսրայէլի որդիներուն հետ հաշտութիւն ըրաւ»։ Ուստի Ամօրհացիներու հինգ թագաւորները, Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորն ու Էգղոնի թագաւորը, հաւաքուեցան եւ իրենք ու իրենց բոլոր բանակները եկան եւ Գաբաւոնի քով բանակ դրին ու անոր դէմ պատերազմեցան։ Գաբաւոնի բնակիչները Գաղգաղա մարդ ղրկեցին Յեսուին՝ ըսելով. «Քու ծառաներէդ ձեռքդ մի՛ քաշեր, շուտով մեզի եկուր, մեզի օգնէ ու մեզ ազատէ. քանզի լեռնաբնակ Ամօրհացիներուն բոլոր թագաւորները մեր վրայ յարձակեցան»։ Յեսու ինք ու իրեն հետ բոլոր պատերազմիկները եւ զօրքին բոլոր զօրաւորները Գաղգաղայէն ելան։ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Անոնցմէ մի՛ վախնար, քանզի զանոնք քու ձեռքդ տուի. անոնցմէ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ քու առջեւդ կայնիլ»։ Յեսու Գաղգաղայէն բոլոր գիշերը քալելով՝ յանկարածակի անոնց վրայ հասաւ։ Տէրը խռովեցուց զանոնք Իսրայէլի առջեւ եւ զանոնք Գաբաւոնի մօտ մեծ կոտորածով մը կոտորեց ու զանոնք Բեթորոն ելլելու ճամբուն վրայ հալածեց եւ զանոնք մինչեւ Ազեկա ու Մակեդա զարկաւ։ Երբ անոնք Իսրայէլի առջեւէն կը փախչէին ու Բեթորոնէ վար կ’իջնէին, Տէրը անոնց վրայ երկնքէն կարկուտի պէս մեծ քարեր թափեց մինչեւ Ազեկա ու մեռան։ Կարկուտին քարերէն մեռնողները Իսրայէլի որդիներուն սրով մեռցուցածներէն շատ էին։ Այն ատեն Յեսու Տէրոջը հետ խօսեցաւ, այն օրը որ Տէրը Ամօրհացիները Իսրայէլի որդիներուն ձեռքը տուաւ ու Իսրայէլի առջեւ ըսաւ. «Արե՛ւ, դուն Գաբաւոնի դէմը կայնէ՛. Լուսի՛ն, դուն ալ Այեղոնի ձորին դէմը կայնէ՛ »։ Ու արեւը կայնեցաւ եւ լուսինը իր տեղը մնաց, մինչեւ որ ժողովուրդը իր թշնամիներէն վրէժ առաւ։ Միթէ ասիկա Ուղիղին գրքին մէջ գրուած չէ՞. ուստի արեւը երկնքին մէջտեղը կայնեցաւ ու լման մէկ օրուան չափ չմարեցաւ։ Անոր պէս օր մը չեղաւ՝ ո՛չ առաջ ու ո՛չ ետքը՝ երբ Տէրը մարդու ձայնը լսեց. քանզի Տէրը Իսրայէլի համար պատերազմեցաւ։ Ապա Յեսու ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ Գաղգաղա՝ բանակը դարձան։ Հինգ թագաւորները փախան ու Մակեդա այրին մէջ պահուեցան։ Եւ Յեսուին իմացուցին. «Այն հինգ թագաւորները Մակեդա, այրին մէջ, պահուած են»։ Յեսու ըսաւ. «Այրին բերանը մեծ քարեր գլորեցէք ու անոր վրայ մարդիկ դրէք, որպէս զի պահպանութիւն ընեն. Բայց դուք մի՛ կայնիք, ձեր թշնամիները հալածեցէ՛ք ու անոնց վերջապահները զարկէք եւ անոնց մի՛ թողուք, որ իրենց քաղաքները մտնեն. քանզի ձեր Տէր Աստուածը զանոնք ձեր ձեռքը մատնեց»։ Ու Յեսու Իսրայէլի որդիներուն հետ զանոնք խիստ մեծ կոտորածով մը կոտորեց ու զանոնք հատցուց, լմնցուց։ Եւ անոնց փախստականները պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտան։ Բոլոր ժողովուրդը խաղաղութեամբ Մակեդա՝ բանակը՝ Յեսուի դարձաւ ու Իսրայէլի որդիներուն դէմ բնաւ մէկը իր լեզուն չշարժեց։ Այն ատեն Յեսու ըսաւ. «Այրին բերանը բացէք ու այրէն այն հինգ թագաւորները հանեցէ՛ք, ինծի բերէ՛ք »։ Այնպէս ըրին ու այրէն այն հինգ թագաւորները, այսինքն Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորն ու Էգղոնի թագաւորը, հանեցին անոր տարին ։ Ու երբ այս թագաւորները Յեսուի առջեւ ելան, Յեսու Իսրայէլի բոլոր մարդիկը կանչեց ու իրեն հետ գացող պատերազմիկներուն գլխաւորներուն ըսաւ. «Մօտեցէ՛ք ու ձեր ոտքերը այս թագաւորներուն պարանոցներուն վրայ դրէ՛ք»։ Անոնք մօտեցան եւ իրենց ոտքերը անոնց պարանոցներուն վրայ դրին։ Յեսու անոնց ըսաւ. «Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք, ուժովցէ՛ք եւ քաջասի՛րտ եղէք. քանզի Տէրը այսպէս պիտի ընէ ձեր բոլոր թշնամիներուն, որոնց հետ դուք պիտի պատերազմիք»։ Ապա Յեսու զանոնք զարկաւ մեռցուց ու հինգ ծառէ կախեց։ Ծառերուն վրայ մինչեւ իրիկուն կախուած մնացին։ Արեւին մտնելու ատենը Յեսու հրամայեց ու զանոնք ծառերուն վրայէն իջեցուցին եւ իրենց պահուած այրին մէջ նետեցին զանոնք ու այրին բերանը մեծ քարեր դրին։ Ատոնք դեռ կը կենան մինչեւ այսօր։ Յեսու նոյն օրը Մակեդան ալ առաւ ու զանիկա սուրի բերնէ անցուց եւ անոր թագաւորն ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուց եւ մէ՛կը ողջ չթողուց։ Մակեդայի թագաւորին ալ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Երիքովի թագաւորին ըրած էր։ Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Մակեդայէն Լեբնա անցան ու Լեբնայի դէմ պատերազմեցան։ Տէրը զանիկա ալ անոր թագաւորովը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց։ Զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին ու մէ՛կը ողջ չթողուցին։ Անոր թագաւորին այնպէս ըրին, ինչպէս Երիքովի թագաւորին ըրած էին։ Ապա Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Լեբնայէն Լաքիս անցան եւ անոր քով բանակելով անոր դէմ պատերազմեցան։ Տէրը Լաքիսը Իսրայէլի ձեռքը մատնեց եւ երկրորդ օրը զանիկա առնելով, զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդերը սուրի բերնէ անցուցին՝ ինչպէս Լեբնային ըրած էին։ Այն ատեն Գազերի Հօրամ թագաւորը Լաքիսին օգնութեան եկաւ։ Յեսու զանիկա ու անոր ժողովուրդն ալ կոտորեց, այնպէս որ անոնցմէ մէ՛կը ողջ չմնաց։ Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Լաքիսէն Էգղոն անցան եւ անոր քով բանակելով, անոր դէմ պատերազմ ըրին։ Նոյն օրը զանիկա առնելով սուրի բերնէ անցուցին։ Յեսու նոյն օրը անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուց, ինչպէս Լաքիսի ըրած էր։ Յետոյ Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Էգղոնէն Քեբրոն գացին ու անոր դէմ պատերազմ ըրին։ Զանիկա առնելէ ետքը սուրի բերնէ անցուցին զանիկա ու անոր թագաւորը եւ անոր բոլոր քաղաքները ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը եւ մէ՛կը ողջ չթողուցին, ինչպէս Էգղոնին ըրին. այսպէս զանիկա ու անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուցին։ Յետոյ Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Դաբիր դարձան ու անոր դէմ պատերազմեցան։ Զանիկա ու անոր թագաւորը եւ անոր բոլոր քաղաքները առին ու զանոնք սուրի բերնէ անցուցին եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը կորսնցուցին ու մէ՛կը ողջ չթողուցին. ինչպէս Քեբրոնի ըրին եւ ինչպէս Լեբնայի ու անոր թագաւորին ըրին, նոյնպէս ալ Դաբիրին ու անոր թագաւորին ըրին։ Եւ Յեսու բոլոր լեռնային, հարաւային, դաշտային երկիրները եւ անոնց բոլոր թագաւորները զարկաւ ու մէ՛կը ողջ չթողուց, հապա ամէն շնչաւոր մեռցուց, ինչպէս Իսրայէլի Տէր Աստուածը պատուիրեր էր։ Յեսու Կադէս-Բառնեայէն մինչեւ Գազա ու բոլոր Գոսոմի երկիրը մինչեւ Գաբաւոն զանոնք զարկաւ։ Եւ այս բոլոր թագաւորները ու անոնց երկիրը Յեսու մէկէն առաւ. քանզի Իսրայէլի համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը պատերազմ կ’ընէր։ Եւ Յեսու ու իրեն հետ բոլոր Իսրայէլ Գաղգաղա՝ բանակը դարձան։ Հասորի Յաբին թագաւորը, երբ այս բաները լսեց, Մադոնի Յոբաբ թագաւորին եւ Սամրօնի թագաւորին ու Աքսափի թագաւորին Եւ հիւսիսային լեռներն ու Քեներեթի հարաւային դաշտն ու հովիտը եւ արեւմտեան կողմը՝ Դովրի գաւառներուն մէջ եղող թագաւորներուն, Արեւելեան ու արեւմտեան կողմը եղող Քանանացիներուն, Ամօրհացիներուն, Քետացիներուն, Փերեզացիներուն ու լեռնաբնակ Յեբուսացիներուն եւ Հերմոնի տակ Մասփայի երկիրը եղող Խեւացիներուն մարդ ղրկեց։ Անոնք իրենց բոլոր բանակներովը ու շատ ժողովուրդով եկան, որոնք ծովեզերքի աւազին չափ բազմաթիւ էին եւ իրենց հետ խիստ շատ ձիեր ու կառքեր առին ։ Այս բոլոր թագաւորները միաբանելով մէկտեղ գացին՝ Մառօնի ջուրին քով բանակեցան, որպէս զի Իսրայէլին դէմ պատերազմին։ Եւ Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, քանզի վաղը այս ատեն ես անոնց ամէնքը Իսրայէլի առջեւ կոտորուելու պիտի մատնեմ. անոնց ձիերուն ջիղերը կտրէ ու անոնց կառքերն ալ կրակով այրէ՛»։ Ուստի Յեսու եւ իրեն հետ բոլոր պատերազմող ժողովուրդը յանկարծակի Մառօնի ջուրին քով անոնց դէմ երթալով վրանին յարձակեցան։ Տէրը զանոնք Իսրայէլին ձեռքը տուաւ ու զանոնք զարկին եւ մինչեւ մեծ Սիդոն ու Մասրեփօթ-Մայիմ եւ մինչեւ Մասփայի հովիտը դէպի արեւելք հալածեցին ու զանոնք զարկին՝ այնպէս որ անոնցմէ մէ՛կը չազատեցաւ։ Յեսու անոնց այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր։ Անոնց ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնց կառքերը կրակով այրեց։ Նոյն ատեն Յեսու դարձաւ՝ Հասորը առաւ ու անոր թագաւորը սրով մեռցուց. քանզի Հասոր առաջ այս բոլոր թագաւորութիւններուն գլուխն էր։ Եւ անոր մէջ գտնուած բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին ու բնաջինջ ըրին. բնաւ շնչաւոր մը չմնաց ու Հասորը կրակով այրեց։ Յեսու այս թագաւորներուն բոլոր քաղաքները ու անոնց բոլոր թագաւորները առաւ եւ զանոնք սուրի բերնէ անցընելով բնաջինջ ըրաւ, ինչպէս Տէրոջը ծառան Մովսէս պատուիրեր էր։ Բայց Իսրայէլ չայրեց այն քաղաքները՝ որոնք իրենց հողաբլուրներովը կը կենային, միայն Հասորը՝ որ Յեսու այրեց։ Այս քաղաքներուն բոլոր աւարն ու անասունները Իսրայէլի որդիները իրենց առին, բայց բոլոր մարդիկը սուրի բերնէ անցուցին, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ըրին ու բնաւ շնչաւոր մը չթողուցին։ Ինչպէս Տէրը իր Մովսէս ծառային պատուիրեր էր, նոյնպէս ալ Մովսէս Յեսուին պատուիրեց ու Յեսու ալ այնպէս ըրաւ եւ ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, անոնցմէ մէ՛կը զանց չըրաւ։ Յեսու այն բոլոր երկիրը առաւ, լեռնակողմն ու բոլոր հարաւային կողմը եւ բոլոր Գոսոմի երկիրը, հովիտն ու դաշտը եւ Իսրայէլի լեռն ու անոր հովիտը, Սէիր ելլող Քալակ լեռնէն մինչեւ Հերմոն լերանը տակ Լիբանանի հովտին մէջ եղող Բաաղգադը եւ անոնց բոլոր թագաւորները բռնեց եւ զանոնք զարկաւ մեռցուց։ Յեսու այս բոլոր թագաւորներուն հետ շատ օրեր պատերազմ ըրաւ։ Գաբաւոնի մէջ բնակող Խեւացիներէն զատ Իսրայէլի որդիներուն հետ հաշտութիւն ընող քաղաք մը չգտնուեցաւ, ամէնքն ալ պատերազմով առնուեցան. Քանզի անոնց սրտին կարծրանալը ու պատերազմով Իսրայէլի դէմ դնելը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի առանց ողորմութեան զանոնք կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Եւ այն ատեն Յեսու գնաց ու լեռներէն, Քեբրոնէն, Դաբիրէն, Անաբէն ու Յուդայի բոլոր լեռներէն եւ Իսրայէլի բոլոր լեռներէն Ենակիմները կոտորեց. Յեսու զանոնք իրենց քաղաքներով մէկտեղ կորսնցուց։ Իսրայէլի որդիներուն երկրին մէջ Ենակիմներէն մէկը չմնաց, բայց Գազայի, Գէթի ու Ասեդովթի մէջ մնացին։ Յեսու բոլոր երկիրը առաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։ Յեսու զանիկա Իսրայէլի ժառանգութիւն տուաւ, անոնց ցեղերուն բաժիններուն համեմատ ու երկիրը պատերազմէն հանգստացաւ։ Ասոնք են այն թագաւորները, որոնք Իսրայէլի որդիները զարկին ու անոնց երկիրները առին, Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք, Առնոն ձորէն մինչեւ Հերմոն լեռը՝ արեւելեան կողմին բոլոր դաշտովը, Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորը, որ կը տիրէր Առնոն ձորին եզերքը եղող Արոէրէն եւ ձորին մէջտեղէն ու Գաղաադի կէսէն մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը եղած Յաբոկ ձորը Նաեւ դաշտին արեւելեան կողմէն մինչեւ Քեներեթի ծովը ու արեւելեան կողմէն Բեթեսիմօթին ճամբան ու հարաւային կողմէն Ասեդովթ-Փասգային տակ՝ մինչեւ դաշտի ծովը, այսինքն մինչեւ Աղի ծովը։ Հսկաներուն մնացորդէն Բասանի Ովգ թագաւորին սահմանը, որ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ կը բնակէր Եւ կը տիրէր Հերմոն լերանը ու Սելքայի եւ բոլոր Բասանի մինչեւ Գեսուրացիներուն եւ Մաքաթացիներուն սահմանը ու մինչեւ Գաղաադի կէսը, որ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին սահմանն էր։ Ասոնք Տէրոջը ծառան Մովսէսը Իսրայէլի որդիներուն հետ զարկաւ ու ասոնց երկիրները Տէրոջը ծառան Մովսէսը Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին ժառանգութիւն տուաւ։ Ասոնք են այն թագաւորները, որոնք Յեսու ու Իսրայէլի որդիները զարկին Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւմուտք, Լիբանանի հովտին մէջ եղող Բաաղգադէն մինչեւ Քալակ լեռը, որ Սէիր կ’ելլէ։ Յեսու անոնց երկիրները Իսրայէլի ցեղերուն ժառանգութիւն տուաւ իրենց վիճակներուն համեմատ՝ Լեռներուն ու հովիտներուն եւ դաշտերուն մէջ ու լեռներուն ստորոտները եւ անապատը ու հարաւային կողմը բնակող Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները, Երիքովի թագաւորը, Բեթէլի քով եղող Գայիի թագաւորը, Երուսաղէմի թագաւորը, Քեբրոնի թագաւորը, Յերիմութի թագաւորը, Լաքիսի թագաւորը, Էգղոնի թագաւորը, Գազերի թագաւորը, Դաբիրի թագաւորը, Գադերի թագաւորը, Հօրմայի թագաւորը, Արադի թագաւորը, Լեբնայի թագաւորը, Ոդողոմի թագաւորը, Մակեդայի թագաւորը, Բեթէլի թագաւորը, Թափուայի թագաւորը, Ոփերի թագաւորը, Ափէկի թագաւորը, Լասարօնի թագաւորը, Մադոնի թագաւորը, Հասորի թագաւորը, Սամրօն-Մառօնի թագաւորը, Աքսափի թագաւորը, Թանաքի թագաւորը, Մակեդդովի թագաւորը, Կադէսի թագաւորը, Կարմեղոս եղած Յեկնամի թագաւորը, Դովրի գաւառին մէջ Դովրի թագաւորը, Գաղգաղայի Գոյիմի թագաւորը, Թերսայի թագաւորը. բոլորը՝ երեսունըմէկ հոգի էին։ Երբ Յեսու ծերացաւ ու տարիքը առաւ, Տէրը անոր ըսաւ. «Դուն ծերացար ու տարիքդ առիր եւ տակաւին խիստ շատ երկիր մնաց ժառանգելու. Մնացած երկիրները ասոնք են՝ Փղշտացիներուն սահմանները ու բոլոր Գեսուրը, Եգիպտոսի դէմ եղող Սիովրէն մինչեւ Քանանացիներուն սեպուած Ակկարոնի սահմանին հիւսիսային կողմը, Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւնները, այսինքն Գազացիներուն, Ազովտացիներուն, Ասկաղոնացիներուն, Գեթացիներուն ու Ակկարոնացիներուն, նաեւ Աւացիներուն երկիրը ։ Հարաւային կողմէն՝ Քանանացիներուն բոլոր երկիրն ու Սիդոնացիներուն Մէարան, մինչեւ Ափէկ ու մինչեւ Ամօրհացիներուն սահմանը Եւ Գեբաղացիներուն երկիրն ու արեւելեան կողմէն բոլոր Լիբանանը, Հերմոն լերան տակ եղող Բաաղգադէն մինչեւ Եմաթի մուտքը, Բոլոր լեռնաբնակները Լիբանանէն մինչեւ Մասրեփօթ-Մայիմ, բոլոր Սիդոնացիները. զանոնք Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն ես պիտի վռնտեմ. միայն թէ դուն իբր ժառանգութիւն Իսրայէլին բաժնէ այն երկիրը, ինչպէս քեզի պատուիրեցի»։ Հիմա այս երկիրը իբր ժառանգութիւն բաժնէ ինը ցեղին ու Մանասէին կէս ցեղին. Քանզի Ռուբէնեաններն ու Գադեանները անոր միւս կէսին հետ առին իրենց ժառանգութիւնը, որ Մովսէս Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք անոնց տուաւ, Տէրոջը ծառային Մովսէսին տուածին պէս։ Առնոն ձորին եզերքին վրայ եղող Արոէրէ ու ձորին մէջ եղող քաղաքէն, Մեդաբայի բոլոր դաշտովը, մինչեւ Դեբոն Ու Եսեբոնի մէջ թագաւորող՝ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին բոլոր քաղաքները, մինչեւ Ամմոնի որդիներուն սահմանը Եւ Գաղաադն ու Գեսուրացիներուն ու Մաքաթացիներուն սահմանը եւ բոլոր Հերմոն լեռն ու բոլոր Բասանը մինչեւ Սելքա. Բասանի մէջ Ովգի բոլոր թագաւորութիւնը, որ Աստարովթի ու Եդրայիի մէջ կը թագաւորէր եւ հսկաներուն մնացորդէն անիկա մնացեր էր. բայց Մովսէս զանոնք զարկաւ ու վռնտեց։ Եւ Իսրայէլի որդիները Գեսուրացիներն ու Մաքաթացիները չվռնտեցին եւ Գեսուրացիներն ու Մաքաթացիները մինչեւ այսօր Իսրայէլի մէջ բնակեցան։ Միայն Ղեւիի ցեղին ժառանգութիւն չտուաւ. անոր ժառանգութիւնը Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն մատուցուած պատարագներն են, ինչպէս անոր ըսեր էր։ Եւ Մովսէս Ռուբէնին որդիներուն ցեղին, անոնց ազգատոհմերուն համեմատ, ժառանգութիւն տուաւ Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Առնոն ձորին եզերքին վրայ եղող Արոէրէն ու ձորին մէջ եղող քաղաքէն, Մեդաբայի քով եղած բոլոր դաշտը, Եսեբոնն ու անոր բոլոր դաշտային քաղաքները՝ Դեբոն, Բամօթ-Բահաղ ու Բեթբէէլմօն Եւ Յասսա ու Կադեմօթ ու Մեփայաթ Եւ Կարիաթեմ ու Սեբամա եւ Սարեթ-Սահառ Եմակ լերան վրայ Ու Բեթփեգովր եւ Ասեդովթ-Փասգա ու Բեթեսիմօթ Եւ դաշտին բոլոր քաղաքները ու Եսեբոնի մէջ թագաւորող՝ Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին բոլոր թագաւորութիւնը, որ Մադիամի իշխանները, Եւին, Րոկոմը, Սուրը, Ուրը ու Ռօբէն, այն երկրին մէջ բնակող Սեհոնի նախարարները, Մովսէս զարկաւ։ Եւ Իսրայէլի որդիները Բէովրեան Բաղաամ հարցուկն ալ սրով մեռցուցին միւս սպաննուածներուն հետ։ Ռուբէնին որդիներուն սահմանը Յորդանանը եղաւ որպէս սահմանագլուխ։ Ռուբէնին որդիներուն ազգատոհմերուն ժառանգութիւնը ասիկա է, այս քաղաքներն ու ասոնց գիւղերը։ Մովսէս Գադին ցեղին, Գադին որդիներուն, իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ժառանգութիւն տուաւ։ Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Յազեր ու բոլոր Գաղաադի քաղաքները եւ Ամմոնի որդիներուն երկրին կէսը մինչեւ Արոէր, որ Ռաբբայի դէմն էր։ Ու Եսեբոնէն մինչեւ Մասփայի Ռամովթը ու Բոտանիմ եւ Մանայիմէն մինչեւ Դաբիրի սահմանը Ու հովիտին մէջ՝ Բեթարամ ու Բեթնամրա, Սոկքովթ ու Սափոն՝ Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին թագաւորութեան մնացորդը, Յորդանան ու անոր սահմանը, մինչեւ Քեներեթի ծովուն եզերքը, Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք։ Գադին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու ասոնց գիւղերը։ Եւ Մովսէս Մանասէին կէս ցեղին ալ ժառանգութիւն տուաւ, որ Մանասէին որդիներուն կէս ցեղին եղաւ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ։ Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Մանայիմէն՝ Բասանի Ովգ թագաւորին բոլոր թագաւորութիւնը, բոլոր Բասանն ու Բասանի մէջ եղող Յայիրի բոլոր գիւղաքաղաքները՝ վաթսուն քաղաք Ու Գաղաադին կէսը եւ Աստարովթ ու Եդրայի, Բասանի մէջ Ովգի թագաւորութեան քաղաքները, Մանասեան Մաքիրին որդիներուն եղան, այսինքն Մաքիրին որդիներուն կէսին՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ։ Ասոնք են այն քաղաքները, որոնք Մովսէս Մովաբի դաշտերուն մէջ՝ Երիքովի դէմ Յորդանանի անդիի կողմը՝ դէպի արեւելք՝ ժառանգութիւն տուաւ։ Բայց Մովսէս Ղեւիի ցեղին ժառանգութիւն չտուաւ. անոնց ժառանգութիւնը Իսրայէլի Տէր Աստուածն է, ինչպէս անոնց ըսաւ։ Քանանի երկրին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ժառանգած տեղերը ասոնք են, որոնք Եղիազար քահանան եւ Նաւեան Յեսու ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետական իշխանները իբր ժառանգ տուին անոնց։ Ինն ու կէս ցեղերուն վիճակով տրուեցաւ անոնց ժառանգութիւնը, ինչպէս Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեր էր։ Քանզի Մովսէս երկուք ու կէս ցեղերուն Յորդանանի անդիի կողմը ժառանգութիւն տուեր էր. բայց անոնց մէջ՝ Ղեւտացիներուն ժառանգութիւն տուած չէր. Որովհետեւ Յովսէփին որդիները երկու ցեղ էին, Մանասէն ու Եփրեմը ու երկրին մէջ Ղեւտացիներուն բաժին չտուին, բայց միայն քաղաքներ՝ բնակելու համար ու արուարձաններն ալ՝ անոնց խաշինքներուն եւ ստացուածքներուն համար։ Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին ու երկիրը բաժնեցին։ Եւ Յուդային որդիները Գաղգաղայի մէջ Յեսուին մօտեցան ու Կենեզեան Յեփոնէին որդին Քաղէբ անոր ըսաւ. «Դուն գիտես այն խօսքը, որ Տէրը Կադէս-Բառնեայի մէջ Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին հետ խօսեցաւ ինծի ու քեզի համար։ Երբ Տէրոջը ծառան Մովսէս զիս Կադէս-Բառնեայէն ղրկեց երկիրը լրտեսելու համար, ես քառասուն տարեկան էի ու սրտիս մէջ եղածին պէս անոր լուր բերի. Սակայն ինծի հետ գացող եղբայրներս ժողովուրդին սիրտը թուլցուցին. բայց ես իմ բոլոր սրտովս իմ Տէր Աստուծոյս հնազանդեցայ՝ ՝»։ Նոյն օրը Մովսէս երդում ըրաւ՝ ըսելով. «Այն երկիրը որուն վրայ կը կոխես անպատճառ քեզի ու քու որդիներուդ ժառանգութիւն պիտի ըլլայ. որովհետեւ իմ Տէր Աստուծոյս հնազանդեցար քու բոլոր սրտովդ։ Արդ՝ ահա Տէրը իր ըսածին պէս քառասունըհինգ տարի իմ կեանքս պահեց, այն ժամանակէն ի վեր՝ որ Տէրը այս խօսքը Մովսէսին ըսաւ, քանի որ Իսրայէլ անապատին մէջ կը պտըտէր եւ ահա ես այսօր ութսունըհինգ տարեկան եմ։ Այսօր տակաւին ուժով եմ, ինչպէս էի Մովսէսին զիս ղրկած օրը. այն ատենուան զօրութիւնս ինչպէս էր, հիմակուան զօրութիւնս ալ նոյնպէս է, պատերազմելու եւ ելլելու ու մտնելու համար։ Ուստի հիմա ինծի տուր այն լեռը, որուն համար Տէրը այն օրը խօսեցաւ, քանզի դուն այն օրը լսեցիր, որ Ենակիմները հոն կը բնակին ու մեծ պարսպապատ քաղաքներ ունին. թերեւս Տէրը ինծի հետ ըլլայ ու ես զանոնք վռնտեմ, ինչպէս Տէրը ըսաւ»։ Յեսու զանիկա օրհնեց ու Յեփոնեան Քաղէբին Քեբրոնը ժառանգութիւն տուաւ։ Ասոր համար Քեբրոն Կենեզեան Յեփոնէին որդիին Քաղէբին ժառանգութիւնը եղաւ մինչեւ այսօր, որովհետեւ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն բոլոր սրտով հնազանդեցաւ։ Ու Քեբրոնին անունը առաջ Կարիաթ-Արբա էր ու այն Արբան Ենակիմներուն մէջ մեծ մարդ մըն էր։ Ու երկիրը պատերազմէն հանգստացաւ։ Յուդայի որդիներուն ցեղին վիճակը իրենց տոհմերուն համեմատ՝ մինչեւ Եդովմայեցիներուն սահմանը կը հասնէր. հարաւային կողմէն Սին անապատը անոնց հարաւային ծայրն էր։ Անոնց հարաւային սահմանը այս եղաւ՝ Աղի ծովուն ծայրէն, այսինքն հարաւակողմը նայող ծոցէն, սկսելով Ու հարաւային կողմէն Ակրաբիմի զառիվերը ելլելով Սին կ’անցնի ու հարաւային կողմէն Կադէս-Բառնեայ ելլելով Եսրոն կ’անցնի. ետքը դէպի Ադդար ելլելով Կարկայի կողմը կը պտըտի. Ետքը Ասեմոնէն անցնելով Եգիպտոսին հեղեղատը կ’ելլէ ու այս սահմանը ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Ձեր հարաւային սահմանը այս է։ Արեւելեան սահմանը Աղի ծովն է մինչեւ Յորդանանի ծայրը։ Հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանի ծայրը եղող ծոցէն կը սկսի Եւ այս սահմանը մինչեւ Բեթագղա կ’ելլէ ու Բեթարաբայի հիւսիսային կողմէն կը պտըտի եւ այս սահմանը մինչեւ Ռուբէնեան Բաանի վէմը կ’ելլէ. Ետքը այս սահմանը Աքովրի ձորէն Դաբիր կ’ելլէ ու հիւսիսային կողմէն Գաղգաղա կը դառնայ, որ այն ձորին հարաւակողմը եղող Էդովմինի զառիվերին դէմ է եւ այս սահմանը Ենսամիւսի ջուրէն կ’անցնի ու Ռովգելի աղբիւրը կը վերջանայ Եւ այս սահմանը Ենովմի որդիին ձորը՝ հարաւային կողմէն Յեբուսի, այսինքն Երուսաղէմի, քով կ’ելլէ. ետքը այս սահմանը մինչեւ այն լերան գլուխը կ’ելլէ, որ արեւմտեան կողմէն Ենովմի ձորին դէմն է ու հիւսիսային կողմէն Ռափայիններուն ձորին ծայրն է Եւ այս սահմանը լերանը գլխէն մինչեւ Նափթովայի ջուրին աղբիւրը կը հասնի ու Եփրոն լերանը քաղաքները կ’ելլէ. ետքը այս սահմանը մինչեւ Բաաղա, այսինքն Կարիաթարիմ կը հասնի Եւ այս սահմանը Բաաղայէն դէպի արեւմուտք Սէիր լեռը կը պտըտի ու հիւսիսային կողմէն Յարիմ լերանը քովէն կ’անցնի, որ Քեսաղօն է. անկէ Բեթսամիւս կ’իջնէ ու Թամնա կ’անցնի Եւ այս սահմանը Ակկարոնին քով կ’ելլէ դէպի հիւսիս ու այս սահմանը Սաքարօն հասնելով՝ Բաաղա լեռնէն կ’անցնի ու Յաբնէլ կ’ելլէ եւ ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Արեւմտեան սահմանը մեծ ծովուն եզերքն է։ Յուդայի որդիներուն սահմանը շուրջանակի իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։ Յեփոնեան Քաղէբի՝ Յուդայի որդիներուն մէջ Ենակին հօրը Արբային քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը բաժին տուաւ, ինչպէս Տէրը Յեսուին հրամայեր էր Եւ Քաղէբ անկէ Ենակին երեք որդիները, Սէսին ու Աքիմանը եւ Թոլմին, Ենակին որդիները, վռնտեց Եւ անկէ Դաբիրի բնակիչներուն վրայ գնաց (ու Դաբիրի անունը առաջ Կարիաթ-Սեփեր էր.) Եւ Քաղէբ ըսաւ. «Ով որ Կարիաթ-Սեփերը զարնէ ու առնէ, իմ Աքսա աղջիկս անոր կնութեան պիտի տամ» Եւ Քաղէբին եղբօրը Կենեզին որդին Գոթոնիէլը առաւ զանիկա ու Քաղէբ իր Աքսա աղջիկը անոր կնութեան տուաւ։ Ու երբ անոր կ’երթար զանիկա յորդորեց, որ իր հօրմէն ագարակ մը ուզէ եւ իշուն վրայէն վար իջաւ ու Քաղէբ անոր ըսաւ. «Ի՞նչ եղաւ քեզի»։ Աղջիկը ըսաւ. «Ինծի օրհնութիւն տուր. որովհետեւ ինծի հարաւային երկիր մը տուիր, ինծի ջուրի աղբիւրներ՝ ՝ ալ տուր»։ Ուստի անոր՝ վերի աղբիւրները ու վարի աղբիւրները տուաւ։ Յուդայի որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է՝, Եդովմի սահմանին քով հարաւային կողմը Յուդայի որդիներուն ցեղին վերջին քաղաքները ասոնք են՝ Կաբեսէէլ, Եդեր, Յագուր, Կինա, Դէմօնա, Ադադա, Կադէս, Հասոր, Յեթնան, Զիփ, Տէլէմ, Բաալօթ, Հասոր-Ադաթա, Կարիօթ Եսրոն՝ ՝ որ է Հասոր, Ամամ, Սամա, Մօլադա, Ասեր-Գադդա, Եսեմոն, Բեթփաղէթ, Ասեր-Սուաղ, Բերսաբէէ, Բազիօթիա, Բաաղա, Իյիմ, Ասէմ, Էլթուղադ, Քէսիլ, Հօրմա, Սիկելակ, Մադմաննա, Սանսաննա, Լաբաովթ, Սէլէմ, Ային ու Ռեմօն. ամէնը քսանըինը քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Դաշտավայրի մէջ՝ Եսթաւուղ, Սարաա, Ասնա, Զանով, Ենգանիմ, Թափուա, Ենայիմ, Յերիմութ, Ոդողոմ, Սոքով, Ազեկա, Սագարիմ, Ատիթայիմ եւ Գադերա (ու Գադերօթայիմ). տասնըչորս քաղաք եւ անոնց գիւղերը։ Սէննան, Ադասա, Մագդաղգադ, Դաղաան, Մասփա, Յեկթովէլ, Լաքիս, Բազկաթ, Էգղոն, Քաբբօն, Լամաս, Քիթլիս, Գադերօթ, Բեթդագոն, Նաամա ու Մակեդա- տասնըվեց քաղաք եւ անոնց գիւղերը։ Լեբնա, Եթեր, Ասան, Յեփթա, Ասնա, Նեսիբ, Կէիլա, Աքեզիբ եւ Մարեսա. ինը քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Ակկարոն իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը. Ակկարոնէն մինչեւ ծովը, Ասեդովթին քովի բոլոր քաղաքները իրենց գիւղերովը. Ասեդովթ իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը. Գազա իր գիւղաքաղաքներովը ու գիւղերովը մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը ու մինչեւ մեծ ծովը իր սահմաններովը։ Եւ լեռնավայրի վրայ՝ Սամիր, Յաթիր, Սոքով, Դաննա, Կարիաթ-Սաննա, այսինքն Դաբիր, Անաբ, Եսթեմով, Անիմ, Գոսոմ, Քօղօն ու Գեղոն. տասնըմէկ քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Երեբ, Դումա, Եսան, Յանում, Բեթթափուա, Ափեկա, Քամմատա, Կարիաթ-Արբա, այսինքն Քեբրոն ու Սիովր. ինը քաղաք եւ անոնց գիւղերը։ Մաոն, Կարմեղոս, Զիփ, Յետտա, Յեզրայէլ, Յեկդաամ, Զանով, Կային, Գաբաա ու Թամնա. տասը քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Աղուղ, Բեթսուր, Գեդովր, Մաարաթ, Բեթանովթ ու Ելթեկոն. վեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Կարիաթ-Բաաղ, այսինքն Կարիաթարիմ ու Ռաբբա. երկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Անապատին մէջ Բեթարաբա, Մադդին, Սեքաքա, Նեբսան, աղի քաղաքը ու Ենգադդի. վեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Բայց Յուդայի որդիները կարող չեղան Երուսաղէմի մէջ բնակող Յեբուսացիները վռնտել. ուստի Յեբուսացիները Յուդայի որդիներուն հետ Երուսաղէմի մէջ կը բնակին մինչեւ այսօր։ Յովսէփի որդիներուն վիճակը այսպէս ելաւ։ Անոնց սահմանը Երիքովի դէմ Յորդանանէն Երիքովի ջուրին արեւելեան կողմէն այն անապատը կ’երթայ, որ Երիքովէն լեռնակողմը՝ Բեթէլ կ’ելլէ Ու Բեթէլէն Լուզ կ’ելլէ եւ Արքի-Ատարօթի սահմանէն կ’անցնի Ու արեւմտեան կողմէն Յեփալթիին սահմանը կ’իջնէ, մինչեւ վարի Բեթորոնին սահմանը ու մինչեւ Գազեր եւ ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Յովսէփին որդիները՝ Մանասէն ու Եփրեմը՝ ժառանգութիւն առին։ Եփրեմի որդիներուն սահմանը իրենց տոհմերուն համեմատ այս եղաւ՝ այսինքն անոնց ժառանգութեան սահմանը արեւելեան կողմէն Ատարօթ-Ադար եղաւ մինչեւ վերի Բեթերոնը Եւ այս սահմանը հիւսիսային կողմէն դէպի Մաքմեթաթ՝ ծովը կ’ելլէ ու այս սահմանը արեւելեան կողմէն մինչեւ Թէանթսելով կը պտըտի ու ետքը արեւելեան կողմէն Յանովէ կը մտնէ Եւ Յանովէէն Ատարովթ ու Նաարա կ’իջնէ ու Երիքովին քովէն անցնելով Յորդանան կ’ելլէ։ Այս սահմանը Թափուայէն Կանա հեղեղատը կ’երթայ արեւմտեան կողմէն ու ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Եփրեմի որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։ Նաեւ Եփրեմի որդիներուն համար զատուած քաղաքները Մանասէին որդիներուն ժառանգութեանը մէջ են, բոլոր քաղաքները իրենց գիւղերովը։ Անոնք Գազերի մէջ բնակող Քանանացիները չվռնտեցին ու Քանանացիները մինչեւ այսօր Եփրեմի մէջ բնակելով, հարկատու ծառաներ եղան։ Ասիկա եղաւ Մանասէին ցեղին վիճակը, քանզի անիկա Յովսէփին անդրանիկն էր։ Մանասէին անդրանիկը Մաքիր, Գաղաադին հայրը, պատերազմող մարդ մը ըլլալուն համար, Գաղաադ ու Բասան անորը եղան։ Մանասէին միւս որդիներն ալ, Աբիեզերին որդիները, Քեղեքին որդիները, Ասրիէլին որդիները, Սիւքէմին որդիները, Ոփերին որդիները ու Սեմիդային որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։ Յովսէփեան Մանասէին արու զաւակները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։ Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիին Ոփերին որդին Սալպաադ տղաքներ չունէր, բայց միայն աղջիկներ։ Անոր աղջիկներուն անունները ասոնք են՝ Մաալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։ Ասոնք Եղիազար քահանային առջեւ, Նաւեան Յեսուին առջեւ ու իշխաններուն առջեւ ներկայանալով՝ ըսին. «Տէրը Մովսէսին հրամայեց, որ մեր եղբայրներուն մէջ մեզի ժառանգութիւն տրուի»։ Եւ Յեսու Տէրոջը հրամանով անոնց հօրը եղբայրներուն մէջ անոնց ժառանգութիւն տուաւ։ Մանասէին Յորդանանի անդիի կողմը եղող Գաղաադին ու Բասանին երկրէն զատ՝ տասը բաժին ինկաւ. Քանզի Մանասէին աղջիկները անոր տղոցը հետ ժառանգութիւն առին ու Գաղաադին երկիրը Մանասէին միւս որդիներուն եղաւ։ Մանասէին սահմանը ասիկա եղաւ՝ Ասերէն մինչեւ Մաքմեթաթ, որ Սիւքէմին դէմն է։ Այս սահմանը աջ կողմը դառնալով՝ մինչեւ Թափուային աղբիւրին քով բնակողներուն կը հասնի։ Թափուային երկիրը Մանասէին եղաւ ու Մանասէին սահմանին մէջ եղող Թափուա քաղաքը Եփրեմին որդիներուն եղաւ։ Այս սահմանը Կանա հեղեղատը կ’իջնէ, հեղեղատին հարաւային կողմէն։ Մանասէին քաղաքներուն մէջ ասոնք Եփրեմի քաղաքներն են եւ Մանասէին սահմանը հեղեղատին հիւսիսային կողմն է ու ծովուն մէջ կը վերջանայ։ Հարաւային կողմը Եփրեմին ու հիւսիսային կողմը Մանասէին ըլլալով, անոնց սահմանը ծովը եղաւ եւ հիւսիսային կողմէն Ասերին ու արեւելեան կողմէն Իսաքարին հետ կը միանան։ Եւ Իսաքարին ու Ասերին սահմաններուն մէջ՝ Բեթսան ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Յեբղաամ ու անոր գիղաքաղաքները եւ Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Ենդովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները եւ Թանաքի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները. այս երեք գաւառը Մանասէին եղան։ Մանասէին որդիները չկրցան այս քաղաքներուն բնակիչները դուրս վռնտել, ուստի Քանանացիները կամակորութեամբ այն երկրին մէջ բնակեցան։ Երբ Իսրայէլի որդիները ուժովցան՝ հարկատու ըրին Քանանացիները, բայց զանոնք իսպառ չվռնտեցին։ Յովսէփին որդիները Յեսուին հետ խօսեցան ու ըսին. «Ինչո՞ւ համար ինծի միայն մէկ վիճակ ու մէկ բաժին ժառանգութիւն տուիր։ Ես բազմաթիւ ժողովուրդ մըն եմ. քանզի Աստուած մինչեւ հիմա զիս օրհնեց»։ Յեսու անոնց ըսաւ. «Եթէ դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես, անտառը ելի՛ր ու զանիկա կտրէ՛ եւ Փերեզացիներուն ու Ռափայիններուն երկրին մէջ քեզի տեղ ըրէ, եթէ Եփրեմին լեռը քեզի նեղ կու գայ»։ Յովսէփին որդիները ըսին. «Լեռը մեզի համար չէ ու հովիտին երկրին մէջ՝ Բեթսանին մէջ ու անոր գիւղաքաղաքներուն մէջ եւ Յեզրայէլին հովիտին մէջ բնակող բոլոր Քանանացիները երկաթէ կառքեր ունին»։ Յեսու Յովսէփին տանը, այսինքն Եփրեմին ու Մանասէին հետ խօսելով ըսաւ. «Դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես ու շատ ոյժ ունիս. քեզի միայն մէկ վիճակ չի բաւեր. Լեռն ալ թող քուկդ ըլլայ եւ որովհետեւ անիկա անտառ է, զանիկա կտրէ՛ ու մինչեւ ծայրը քուկդ թող ըլլայ. քանզի դուն Քանանացիները անկէ պիտի վռնտես, թէեւ անոնք երկաթէ կառքեր ունին ու զօրաւոր են»։ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդը Սելովի մէջ հաւաքուեցան եւ հոն վկայութեան խորանը կանգնեցուցին ու երկիրը անոնց առջեւ նուաճուեցաւ։ Իսրայէլի որդիներուն մէջ եօթը ցեղ մնացեր էր, որոնք իրենց ժառանգութիւնը առած չէին։ Եւ Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ անհոգութիւն պիտի ընէք ու պիտի չերթաք ժառանգելու այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։ Ամէն մէկ ցեղէ երեք մարդ ընտերցէք ու զանոնք ղրկեմ, որպէս զի ելլեն այն երկրին մէջ պտըտին ու զանիկա իրենց ժառանգութեանը համեմատ գրեն ու ետքը ինծի դառնան Եւ զանիկա եօթը մասերու բաժնեն։ Յուդան իր սահմանին մէջ հարաւային կողմը թող կենայ ու Յովսէփին տունը իրենց սահմաններուն մէջ հիւսիսային կողմը թող կենան։ Դուք երկիրը եօթը բաժին ըրէք ու հոս ինծի բերէք եւ մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ հոս ձեզի համար վիճակ ձգեմ։ Ղեւտացիները ձեր մէջ բաժին չունին, որովհետեւ անոնց ժառանգութիւնը Տէրոջը քահանայութիւնն է եւ Գադ ու Ռուբէն եւ Մանասէի կէս ցեղը Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք՝ իրենց ժառանգութիւնները առած են, որոնք Տէրոջը ծառան Մովսէս անոնց տուաւ»։ Այն մարդիկը գացին ու Յեսու այն երկիրը գրելու գացողներուն պատուիրեց՝ ըսելով. «Գացէ՛ք եւ այն երկրին մէջ պտըտելով զանիկա գրեցէք. ետքը ինծի դարձէք, որպէս զի հոս Սելովի մէջ Տէրոջը առջեւ ձեզի համար վիճակ ձգեմ»։ Այն մարդիկը գացին ու այն երկրին մէջ պտըտեցան եւ զանիկա իր քաղաքներովը եօթը բաժին ընելով ՝ գրքի մը մէջ գրեցին ու Սելով՝ բանակը՝ եկան Յեսուին։ Յեսու Սելովին մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց համար վիճակ ձգեց ու երկիրը բաժնեց Իսրայէլի որդիներուն՝ իրենց բաժիններուն համեմատ։ Նախ ՝ Բենիամինին որդիներուն ցեղին վիճակը ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Իրենց վիճակին սահմանը Յուդայի որդիներուն ու Յովսէփի որդիներուն մէջտեղը ելաւ։ Անոնց հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանէն եղաւ ու այս սահմանը հիւսիսային կողմէն Երիքովի քով կ’ելլէ եւ դէպի արեւմուտք լեռը վեր կ’ելլէ ու Բեթաւանի անապատին մէջ կը վերջանայ։ Սահմանը անկէ ելլելով Լուզէ կ’անցնի, Լուզին, այսինքն Բեթէլին հարաւային կողմէն. այս սահմանը Ատարօթ-Ադար կ’իջնէ, որ վարի Բեթորոնին հարաւային կողմը եղող լերանը քովն է։ Այս սահմանը արեւմտեան ծայրը հասնելով, դէպի հարաւ կը դառնայ հարաւային կողմէն Բեթորոնին դիմացի լեռնէն ու կը վերջանայ Կարիաթ-Բաաղի մէջ, որ է Կարիաթարիմ, Յուդային որդիներուն քաղաքը։ Արեւմտեան ծայրը ասիկա է։ Հարաւային կողմը Կարիաթարիմին ծայրէն սկսելով, սահմանը դէպի արեւմուտք կ’երթայ ու Նափթովային ջուրին աղբիւրը կ’ելլէ։ Այս սահմանը Ռափայիններուն հովիտին մէջ, հիւսիսային կողմը եղող Ենովմին որդիին ձորին դիմացի լերանը եզերքը կ’իջնէ ու Յեբուսին քովէն դէպի հարաւ Ենովմին ձորէն իջնելով Ռովգելին աղբիւրը կ’իջնէ Եւ հիւսիսային կողմէն նշան կտրելով Ենսամիւս կ’ելլէ ու անկէ Եդովմինին զառիվերին դէմ եղող Գալիլովթ կ’ելլէ եւ Ռուբէնեան Բաանին վէմը կ’իջնէ. Ետքը Արաբային դիմացի կողմէն դէպի հիւսիս անցնելով Արաբա կ’իջնէ. Ետքը այս սահմանը դէպի հիւսիս Բեթագղայի քովէն կ’անցնի ու այս սահմանը Աղի ծովուն հիւսիսային ծոցը ու Յորդանանի հարաւային ծայրը կը վերջանայ։ Հարաւային սահմանը ասիկա է։ Արեւելեան կողմի սահմանը Յորդանանն է։ Բենիամինին որդիներուն ժառանգութիւնը շուրջանակի իր սահմաններովը անոնց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։ Եւ ասոնք են Բենիամինին որդիներուն ցեղին քաղաքները իրենց տոհմերուն համեմատ՝ Երիքով, Բեթագղա, Եմեկկասիս, Բեթարաբա, Սեմարիմ, Բեթէլ, Աւիմ, Փարա, Եփրա, Քեփարամոննա, Հոփնի ու Գաբա. տասներկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Գաբաւոն, Ռամա, Բերովթ, Մասփա, Կեփիրա, Մոսա, Ռէկեմ, Յերփայէլ, Թարաղա, Սելա, Էլեփ, Յեբուս, այսինքն Երուսաղէմ, Գաբաաթ ու Կարիաթ։ Տասնըչորս քաղաք եւ անոնց գիւղերը։ Բենիամինին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։ Երկրորդ վիճակը Շմաւոնին ելաւ։ Շմաւոնին որդիներուն ցեղին իրենց տոհմերուն համեմատ ու անոնց ժառանգութիւնը Յուդային որդիներուն ժառանգութեան մէջտեղը եղաւ։ Իրենց ժառանգութեան մէջ այս քաղաքները ունեցան. Բերսաբէէ, (Սաբէէ,) Մօլադա, Ասերսուաղ, Բաղա, Ասէմ, Էլթուղադ, Բաթուլ, Հօրմա, Սիկելակ, Բեթմարքաբովթ, Ասերսուսա, Բեթլաբաւովթ եւ Սարուհէն. տասներեք քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Ային, Ռեմօն, Եթեր եւ Ասան. չորս քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Եւ այս քաղաքներուն բոլորտիքը եղած բոլոր գիւղերը՝ մինչեւ Բաաղեթ-Բէեր ու հարաւային Ռաման՝ ՝։ Շմաւոնին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է։ Շմաւոնին որդիներուն ժառանգութիւնը Յուդային որդիներուն բաժինէն եղաւ, քանզի Յուդային որդիներուն բաժինը շատ էր իրենց. անոր համար Շմաւոնին որդիները անոնց ժառանգութեանը մէջ ժառանգութիւն առին։ Երրորդ վիճակը Զաբուղոնին որդիներուն ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Անոնց ժառանգութեանը սահմանը մինչեւ Սարիդ եղաւ Ու անոնց սահմանը դէպի ծովը ու Մարաղա կ’ելլէ եւ Դաբասէթ կը հասնի ու Յեկնամին դէմ եղող ձորը կը հասնի Եւ Սարիդէն դէպի արեւելեան կողմը՝ Քասղովթ-Թաբօրին սահմանը կը դառնայ ու Դաբարաթէն ելլելով՝ վեր Յափիէ կ’ելլէ Եւ անկէ դէպի արեւելք անցնելով Գեթքոփեր եւ Իթագասին կ’անցնի ու Ռեմօն-Մեթօար եւ Նուա կ’ելլէ. Ետքը այս սահմանը հիւսիսային կողմէն Ենաթօն կը պտըտի ու Յեփթայէլի ձորին մէջ կը վերջանայ Եւ Կատտաթ ու Նաաղօլ եւ Սամրօն ու Յադելա եւ Բեթլեհէմ. տասներկու քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Զաբուղոնին որդիներուն ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։ Չորրորդ վիճակը Իսաքարին ելաւ։ Իսաքարին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ Ու անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Յեզրայէլ ու Քասելովթ եւ Սունամ, Ու Ափերէմ եւ Սիան ու Անարէթ Եւ Ռաբբիթ ու Կէսիօն ու Աբէս Եւ Ռամաթ ու Ենգանիմ եւ Ենքադդա ու Բեթփասես Եւ այս սահմանը Թաբօր, Սասիմա ու Բեթսամիւս կը հասնի ու անոնց սահմանը Յորդանանի մէջ կը վերջանայ. տասնըվեց քաղաք ու անոնց գիւղերը։ Իսաքարին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։ Հինգերորդ վիճակը Ասերին որդիներուն ցեղին ելաւ՝ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Քեղկաթ ու Աղի եւ Բետէն ու Աքսափ Եւ Ալամելէք ու Ամադ եւ Մասաղ ու արեւմտեան կողմէն մինչեւ Կարմեղոս եւ Սիօր-Լեբնաթ կը հասնի։ Արեւելեան կողմէն դէպի Բեթդագոն կը դառնայ ու հիւսիսային կողմէն Զաբուղոն, Յեփթայէլի ձորը, Բեթամէկ ու Նէիէլ կը հասնի եւ ձախ կողմէն Քաբօղ կ’ելլէ Ու Եբրոն եւ Րոոբ ու Համմօն եւ Կանա, մինչեւ մեծ Սիդոն. Ետքը այս սահմանը Ռամա կը դառնայ մինչեւ Տիւրոս ամուր քաղաքը եւ այս սահմանը Ուսա դառնալով ծովուն մէջ՝ Աքեզիբին վիճակին մէջ կը վերջանայ Ու Ամմա եւ Ափէկ ու Րոոբ. քսաներկու քաղաքներ ու անոնց գիւղերը։ Ասերին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։ Վեցերորդ վիճակը Նեփթաղիմին որդիներուն ելաւ, այսինքն Նեփթաղիմին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ։ Անոնց սահմանը ասիկա եղաւ՝ Հելեփէն ու Ալօնէն մինչեւ Սանանիմ ու Ադամի-Նագեբ եւ Յաբնէլ մինչեւ Լակում ու սահմանը Յորդանանի մէջ կը վերջանայ։ Եւ այս սահմանը արեւմտեան կողմէն Ազանօթ-Թաբօր կը դառնայ ու անկէ Հուկօկ կ’ելլէ եւ հարաւային կողմէն մինչեւ Զաբուղոն կը հասնի ու արեւմտեան կողմէն մինչեւ Ասեր եւ արեւելեան կողմէն մինչեւ Յուդա ու Յորդանան կը հասնի։ Եւ պարսպապատ քաղաքները՝ Ասեդիմ, Սէր, Ամաթ, Ռեկկաթ, Քեներեթ, Ադամա, Ռամա, Հասոր, Կադէս, Եդրայի, Ենհասոր, Յարօն, Մակդաղիէլ, Հարէմ, Բեթանաթ ու Բեթսամիւս. տասնըինը քաղաք եւ անոնց գիւղերն են։ Նեփթաղիմին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։ Եօթերորդ վիճակը Դանին որդիներուն ցեղին ելաւ իրենց տոհմերուն համեմատ։ Եւ անոնց ժառանգութեան սահմանը ասիկա եղաւ՝ Սարաա ու Եսթաւուղ եւ Իրսամէս Ու Սաղաբին եւ Այեղոն ու Յեթլա Եւ Ելօն ու Թամնաթա եւ Ակկարոն Ու Ելթեկէ եւ Գաբաթոն ու Բաալօթ Ու Եհուդ եւ Բանէ-Բարակ ու Գեթրեմօն Եւ Մէարկօն ու Ռակկոն, Յոպպէի դիմացը եղած սահմանովը մէկտեղ։ Եւ Դանին որդիներուն սահմանը իրենց պզտիկ եկաւ. ուստի Դանին որդիները ոտքի ելան ու Լէսէմի հետ պատերազմեցան եւ զանիկա առնելէն ետքը սուրի բերնէ անցուցին ու զանիկա ժառանգելով անոր մէջ բնակեցան եւ Լէսէմը իրենց հօրը Դանի անունով Դան կոչեցին։ Դանին որդիներուն ցեղին ժառանգութիւնը իրենց տոհմերուն համեմատ ասիկա է, այս քաղաքներն ու անոնց գիւղերը։ Ու երկիրը իր սահմաններովը բաժնելը լմնցնելէն ետքը, Իսրայէլի որդիները Նաւեան Յեսուին իրենց մէջ ժառանգութիւն տուին. Տէրոջը հրամանով անոր ուզած քաղաքը, Թամնաթ-Սարան, իրեն տուին Եփրեմի լերանը վրայ ու անիկա քաղաքը շինեց եւ անոր մէջ բնակեցաւ։ Ասոնք են այն ժառանգութիւնները, որոնք Եղիազար քահանան եւ Նաւեան Յեսուն ու Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն նահապետները Սելովի մէջ Տէրոջը առջեւ, վկայութեան խորանին դրանը քով, վիճակով բաժնեցին ու լմնցուցին։ Տէրը խօսեցաւ Յեսուին՝ ըսելով. «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՝ ‘Մովսէսին միջոցով ձեզի ըսուած ապաստանի քաղաքները ձեզի համար որոշեցէք, Որպէս զի սխալմամբ ու անգիտութեամբ մարդ զարնելով սպաննողը հոն փախչի ու անոնք ձեզի ապաստանարան ըլլան արեան վրէժխնդիր եղողէն Եւ անգիտութեամբ սպաննողը այն քաղաքներէն մէկուն մէջ թող փախչի ու քաղաքին դուռը կայնի եւ այն քաղաքին ծերերուն իր պարագան յայտնէ, որպէս զի լսեն ու անոնք զանիկա քաղաքին մէջ իրենց քով առնելով՝ անոր տեղ մը տան, որպէս զի իրենց հետ բնակի։ Երբ արեան վրէժխնդիրը անոր ետեւէն իյնայ, սպաննողը անոր ձեռքը թող չտան. քանզի անիկա իր դրացին անգիտութեամբ մեռցուցեր է։ Նախապէս անոր դէմ թշնամութիւն ունեցած չէ։ Եւ անիկա այն քաղաքին մէջ պիտի բնակի, մինչեւ որ դատաստանի համար ժողովին առջեւ կայնի ու մինչեւ որ այն օրուան քահանայապետը մեռնի։ Անկէ ետքը սպաննողը կրնայ դառնալ իր քաղաքը ու իր տունը երթալ՝ այսինքն այն քաղաքը ուրկէ փախեր էր։ Ուստի Գալիլիայի մէջ Կադէսը զատեցին Նեփթաղիմի լեռնակողմը, Սիւքէմը՝ Եփրեմի լեռնակողմը եւ Կարիաթ-Արբան՝ այսինքն Քեբրոնը՝ Յուդայի լեռնակողմը։ Ու Երիքովի դէմը Յորդանանի անդիի կողմը դէպի արեւելք՝ Ռուբէնին ցեղէն՝ անապատին մէջ Բոսորը եւ Գադի ցեղէն՝ Գաղաադի մէջ Ռամովթը ու Մանասէին ցեղէն՝ Բասանի մէջ Գովղանը տուին։ Բոլոր Իսրայէլի որդիներուն համար ու անոնց մէջ բնակող օտարականին համար որոշուած քաղաքները ասոնք են. որպէս զի ամէն ով որ սխալմամբ մարդ մեռցնէ, հոն փախչի ու արեան վրէժխնդրին ձեռքով չմեռնի, մինչեւ որ դատաստանի համար ժողովին առջեւ կայնի’»։ Ղեւտացիներուն նահապետները Եղիազար քահանային, Նաւեան Յեսուին եւ Իսրայէլի որդիներու ցեղերուն նահապետներուն մօտեցան Ու Քանանի երկիրը՝ Սելովին մէջ՝ խօսեցան անոնց ըսելով. «Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեց որ մեզի բնակելու համար քաղաքներ ու մեր անասուններուն համար անոնց արուարձաններ տրուին»։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հրամանով իրենց ժառանգութիւններէն հետեւեալ քաղաքներն ու անոնց արուարձանները Ղեւտացիներուն տուին։ Առաջին վիճակը Կահաթեաններու ազգատոհմերուն ելաւ ու Ղեւտացիներէն Ահարոն քահանային որդիներուն վիճակով տասներեք քաղաք ելաւ, Յուդայի ցեղէն, Շմաւոնի ցեղէն ու Բենիամինի ցեղէն։ Եւ Կահաթի միւս որդիներուն՝ Եփրեմի ցեղին ազգատոհմերէն, Դանին ցեղէն եւ Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասը քաղաք տրուեցաւ ։ Ու Գերսոնին որդիներուն՝ Իսաքարին ցեղին ազգատոհմերէն եւ Ասերին ցեղէն ու Նեփթաղիմին ցեղէն եւ Բասանին մէջ եղող Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասներեք քաղաք տրուեցաւ ։ Մերարիին որդիներուն իրենց տոհմերուն համեմատ՝ Ռուբէնին ցեղէն ու Զաբուղոնին ցեղէն տասներկու քաղաք տրուեցաւ ։ Ու Իսրայէլի որդիները այս քաղաքներն ու անոնց արուարձանները վիճակով Ղեւտացիներուն տուին, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսին միջոցով։ Յուդային որդիներուն ցեղէն ու Շմաւոնին որդիներուն ցեղէն իրենց անունովը յիշուած քաղաքները տուին Ու Ահարոնին որդիներուն եղան, որոնք Ղեւիին որդիներէն եղող Կահաթեաններու ազգատոհմերէն էին. քանզի առաջին վիճակը անոնցն էր։ Անոնց Յուդայի լերանը վրայ Ենակին հօրը Արբային քաղաքը, այսինքն Քեբրոնը, տուին անոր շրջակայ արուարձաններովը Եւ քաղաքին ագարակներն ու գիւղերը Յեփոնեան Քաղէբին տուին իբր կալուածք։ Ուստի Ահարոն քահանային որդիներուն՝ սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Քեբրոնը տուին իր արուարձաններովը, նաեւ Լեբնան իր արուարձաններովը Եւ Յաթիրը իր արուարձաններովը ու Եսթեմովը իր արուարձաններովը Եւ Քօղօնը իր արուարձաններովը ու Դաբիրը իր արուարձաններովը Եւ Այինը իր արուարձաններովը ու Յետտան իր արուարձաններովը եւ Բեթսամիւսը իր արուարձաններովը։ Այս երկու ցեղէն ինը քաղաք տուին ։ Ու Բենիամինին ցեղէն՝ Գաբաւոնը իր արուարձաններովը, Գաբան իր արուարձաններովը, Անաթովթը իր արուարձաններովը ու Գաղմօնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ բոլոր քաղաքները տասներեք քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։ Եւ Կահաթի որդիներէն մնացած Ղեւտացի Կահաթեաններու ազգատոհմերն ալ Եփրեմին ցեղէն վիճակով քաղաքներ առին։ Անոնց՝ Եփրեմի լեռնակողմը սպաննողի համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Սիւքէմը տուին իր արուարձաններովը, նաեւ Գազերը իր արուարձաններովը Եւ Կաբսեմը իր արուարձաններովը ու Բեթորոնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։ Եւ Դանին ցեղէն՝ Ելթեկէն իր արուարձաններովը, Գաբաթոնը իր արուարձաններովը, Այեղոնը իր արուարձաններովը ու Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։ Եւ Մանասէին կէս ցեղէն՝ Թանաքը իր արուարձաններովը ու Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը։ Երկու քաղաք տուին։ Կահաթին որդիներուն մնացած ազգատոհմերուն բոլոր քաղաքները տասն էին եւ անոնց արուարձանները։ Ղեւտացիներուն ազգատոհմերէն եղող Գերսոնին որդիներուն՝ Մանասէին կէս ցեղէն սպաննողին համար ապաստանի քաղաքը ըլլալու որոշուած Բասանին մէջ Գովղանը իր արուարձաններովը, նաեւ Բեեստարան իր արուարձաններովը։ Երկու քաղաք տուին ։ Եւ Իսաքարին ցեղէն՝ Կեսիօնը իր արուարձաններովը, Դարաբաթը իր արուարձաններովը, Յերիմութը իր արուարձաններովը եւ Ենգանիմը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։ Եւ Ասերին ցեղէն՝ Մասաղը իր արուարձաններովը, Աբդօնը իր արուարձաններովը, Քեղկաթը իր արուարձաններովը եւ Րոոբը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։ Ու Նեփթաղիմին ցեղէն՝ սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Գալիլիայի մէջ Կադէսը իր արուարձաններովը, նաեւ Եմաթդովրը իր արուարձաններովը ու Կարթանը իր արուարձաններովը։ Երեք քաղաք տուին ։ Գերսոնեաններուն բոլոր քաղաքները անոնց ազգատոհմերուն համեմատ տասներեք քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։ Մնացած Ղեւտացիներուն, այսինքն Մերարիին որդիներուն ազգատոհմերուն՝ Զաբուղոնին ցեղէն Յեկնամը իր արուարձաններովը, Կարթան իր արուարձաններովը, Դեմնան իր արուարձաններովը ու Նաաղօլը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։ Եւ Ռուբէնին ցեղէն՝ Բոսորը իր արուարձաններովը, Յասսան իր արուարձաններովը, Կադեմօթը իր արուարձաններովը ու Մեփայաթը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։ Եւ Գադին ցեղէն սպաննողին համար ապաստանի քաղաք ըլլալու որոշուած Գաղաադին մէջ Ռամովթը իր արուարձաններովը, նաեւ Մանայիմը իր արուարձաններովը, Եսեբոնը իր արուարձաններովը ու Յազերը իր արուարձաններովը։ Չորս քաղաք տուին ։ Ղեւտացիներուն ազգատոհմերէն մնացած Մերարիին որդիներուն բոլոր քաղաքները իրենց տոհմերուն համեմատ իրենց վիճակովը տասներկու քաղաք եղան։ Իսրայէլի որդիներուն կալուածներուն մէջ Ղեւտացիներուն բոլոր քաղաքները քառասունըութը քաղաք էին ու անոնց արուարձանները։ Այս քաղաքներուն ամէն մէկը իր բոլորտիքը արուարձաններ ունէր. այս քաղաքներուն ամէնքն ալ այնպէս էին։ Եւ Տէրը Իսրայէլին տուաւ այն բոլոր երկիրը, որ անոնց հայրերուն տալու երդում ըրեր էր եւ զանիկա ժառանգեցին ու անոր մէջ բնակեցան։ Եւ Տէրը զանոնք ամէն կողմէն հանգստացուց, ինչպէս անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր ու անոնց բոլոր թշնամիներէն բնաւ մէկը չկրցաւ անոնց դէմ դնել. քանզի Տէրը անոնց բոլոր թշնամիները անոնց ձեռքը տուաւ։ Եւ Տէրը Իսրայէլի տանը համար որչափ բարի խօսքեր որ խօսեր էր, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. ամէնքն ալ կատարուեցան։ Այն ատեն Յեսու իրեն կանչեց Ռուբէնեանները, Գադեաններն ու Մանասէին կէս ցեղը Եւ անոնց ըսաւ. «Տէրոջը ծառան Մովսէս ինչ որ ձեզի հրամայեր էր, դուք անոնց ամէնքն ալ պահեցիք ու իմ խօսքիս մտիկ ըրիք ամէն բանի մէջ, որ ձեզի պատուիրեցի։ Այսչափ շատ օրեր մինչեւ այսօր ձեր եղբայրները չթողուցիք եւ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները ամբողջ՝ ՝ պահեցիք։ Հիմա ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրները հանգստացուց, ինչպէս անոնց ըսաւ. ուստի դարձէք, ձեր վրանները ու ձեր սեփական երկիրը գացէք, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս Յորդանանի անդիի կողմը ձեզի տուաւ։ Միայն թէ աղէկ զգուշութեամբ գործադրեցէք այն պատուիրանքն ու օրէնքը, որ Տէրոջը ծառան Մովսէս ձեզի պատուիրեց, որ ձեր Տէր Աստուածը սիրէք, անոր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք, անոր պատուիրանքները պահէք, անոր յարիք ու ձեր բոլոր սրտովը եւ բոլոր հոգիովը զանիկա պաշտէք»։ Յեսու օրհնեց զանոնք եւ արձակեց ու անոնք իրենց վրանները գացին։ (Եւ Մանասէին կէս ցեղին Մովսէս կալուածք տուեր էր Բասանի մէջ ու Յեսու միւս կէսին՝ անոնց եղբայրներուն հետ՝ Յորդանանի անդիի կողմը տուաւ դէպի արեւմուտք։) Ու երբ Յեսու զանոնք իրենց վրանները ղրկեց, զանոնք օրհնեց Եւ անոնց խօսեցաւ՝ ըսելով. «Շատ հարստութիւնով ու խիստ շատ անասուններով, արծաթով, ոսկիով, պղնձով, երկաթով ու խիստ շատ հանդերձներով ձեր վրանները դարձէք ու ձեր թշնամիներուն աւարը ձեր եղբայրներուն հետ բաժնեցէք»։ Ուստի Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը Քանանի երկիրը՝ Սելովին մէջ՝ Իսրայէլին որդիներէն զատուեցան գացին, որպէս զի իրենց ժառանգութեան երկիրը՝ այսինքն Գաղաադի երկիրը՝ երթան, որ Տէրոջը հրամանով Մովսէսին միջոցով առեր էին։ Երբ Յորդանանի մօտ տեղերը եկան, այն կողմը որ Քանանի երկրին մէջ է, Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը հոն Յորդանանի քով սեղան մը շինեցին, երեւոյթով մեծ սեղան մը։ Ու Իսրայէլի որդիները լսեցին թէ Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները եւ Մանասէին կէս ցեղը Քանանի երկրին կողմը Յորդանանի մօտ, ուրկէ Իսրայէլի որդիները անցեր էին, սեղան մը շիներ են։ Երբ Իսրայէլի որդիները լսեցին, բոլոր Իսրայէլի որդիները Սելովին մէջ հաւաքուեցան, որպէս զի անոնց վրայ երթան պատերազմելու համար։ Իսրայէլի որդիները Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս ցեղին՝ Գաղաադի երկիրը ղրկեցին Եղիազարին որդին Փենէհէս քահանան Եւ անոր հետ տասը իշխան, այսինքն Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն նահապետականներէն մէկմէկ իշխան, որոնց ամէն մէկը Իսրայէլի հազարաւորներու նահապետութիւններուն իշխաններ էին։ Անոնք Գաղաադի երկիրը գացին Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն ու Մանասէին կէս ցեղին եւ անոնց հետ խօսեցան՝ ըսելով. «Տէրոջը բոլոր ժողովուրդը այսպէս կ’ըսէ. ‘Արդ ի՞նչ մեղք է, որ դուք Իսրայէլի Աստուծոյ դէմ գործեցիք՝ Տէրոջմէն խոտորելով եւ Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ընելու համար ձեզի սեղան շինեցիք։ Միթէ Փեգովրին անօրէնութիւնը պզտի՞կ բան մըն էր մեզի, որմէ մինչեւ այսօր չմաքրուեցանք, որ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ այն հարուածն ալ եկաւ։ Դուք Տէրոջմէն խոտորեցաք. ուստի եթէ դուք այսօր Տէրոջմէ ապստամբիք, ան ալ վաղը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին վրայ պիտի բարկանայ։ Սակայն եթէ ձեր սեփական երկիրը անմաքուր կը համարէք, Տէրոջը սեփական երկիրը անցէք, ուր Տէրոջը վկայութեան խորանը կանգնած է ու մեր մէջ ժառանգութիւն առէք եւ մեր Տէր Աստուծոյ սեղանէն տարբեր սեղան շինելով Տէրոջը դէմ ապստամբ մի՛ ըլլաք ու մեզ ալ ապստամբ մի՛ ներկայացնէք։ Երբ Զարայեան Աքար նզովուածէն առնելով մեղք գործեց, միթէ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին վրայ չեկա՞ւ ու այն մարդը իր անօրէնութեանը մէջ մինակ ինք չմեռաւ’»։ Ռուբէնին որդիները, Գադին որդիները ու Մանասէին կէս ցեղը պատասխան տուին ու Իսրայէլի հազարապետներուն ըսին. « Աստուածներուն Եհովա Աստուածը, աստուածներուն Եհովա Աստուածը՝ ՝ ինք գիտէ ու Իսրայէլն ալ թող գիտնայ, եթէ այս բանը ապստամբութեան համար կամ Տէրոջը դէմ յանցանք գործելու համար ըրինք, մեզ այսօր թող չ’ապրեցնէ. Եթէ մեզի սեղան շինեցինք Տէրոջմէ հեռանալու համար կամ անոր վրայ ողջակէզ ու հացի ընծայ մատուցանելու համար եւ կամ անոր վրայ խաղաղութեան զոհեր ընելու համար, Տէրը ինք թող վրեժը առնէ։ Մենք ասիկա մեր վախէն շինեցինք, մտածելով թէ գուցէ վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն խօսին ու ըսեն թէ՝ «Դուք Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն հետ ի՞նչ ունիք. Ո՛վ Ռուբէնեաններ ու Գադեաններ, Տէրը մեր ու ձեր մէջ Յորդանանը սահման դրաւ, դուք Տէրոջմէ բնաւ բաժին չունիք»։ Այս կերպով ձեր որդիները ստիպեն որ մեր որդիները Տէրոջը երկիւղը մոռնան։ Այս պատճառով ըսինք. «Հիմա մեզի սեղան մը շինենք, բայց ո՛չ թէ ողջակէզի համար, կամ զոհի համար, Այլ որպէս զի անիկա մեր ու ձեր մէջ եւ մեզմէ ետքը մեր սերունդներուն մէջ վկայութիւն ըլլայ, որպէս զի մեր ողջակէզներովը, մեր պատարագներովը ու մեր խաղաղութեան զոհերովը Տէրոջը ծառայութիւնը Անոր առջեւ ընենք ու վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն չըսեն թէ ‘Դուք Տէրոջմէն բաժին չունիք’։ Ու ըսինք. «Եթէ մեզի կամ մեր սերունդին վաղը այս բանը ըսելու ըլլան, պիտի ըսենք թէ՝ ‘Տեսէք Տէրոջը սեղանին օրինակը, որ մեր հայրերը շինեցին, ո՛չ թէ ողջակէզի համար կամ զոհի համար, հապա մեր ու ձեր մէջ վկայութիւն մը ըլլալու համար’։ Քա՜ւ լիցի որ մենք Տէրոջմէն ապստամբինք, Տէրոջմէն հեռանալով վկայութեան խորանէն զատ ողջակէզի համար, հացի ընծայի համար եւ զոհի համար սեղան շինենք»։ Երբ Փենէհէս քահանան եւ անոր հետ եղող իշխաններն ու Իսրայէլի հազարապետները Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն եւ Մանասէին որդիներուն ըսած խօսքերը լսեցին, իրենց հաճոյ երեւցաւ։ Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան Ռուբէնին որդիներուն, Գադին որդիներուն ու Մանասէին որդիներուն ըսաւ. «Այսօր գիտցանք թէ Տէրը մեր մէջ է, որովհետեւ դուք Տէրոջը դէմ յանցանք չգործեցիք եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը ձեռքէն ազատեցիք»։ Այսպէս Եղիազարի որդին Փենէհէս քահանան եւ իշխանները Ռուբէնին որդիներուն ու Գադին որդիներուն քովէն, Գաղաադի երկրէն, Քանանի երկիրը Իսրայէլի որդիներուն դարձան եւ անոնց լուր բերին։ Այս բանը Իսրայէլի որդիներուն հաճոյ երեւցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Աստուած օրհնեցին եւ Ռուբէնին որդիներուն եւ Գադին որդիներուն բնակած երկրին դէմ պատերազմի երթալու մասին չխօսեցան։ Ռուբէնին որդիները ու Գադին որդիները այն սեղանին անունը Վկայութիւն դրին, որովհետեւ ըսին. «Անիկա մեր մէջ վկայ է, թէ մեր Աստուածը Եհովան է»։ Բաւական ժամանակ անցած էր այն օրէն, երբ Տէրը հանգստացուց Իսրայէլը անոր բոլորտիքի բոլոր թշնամիներէն։ Յեսու, որ ծերացած ու տարիքը առած էր, կանչեց բոլոր Իսրայէլը, անոր ծերերը, իշխանները, դատաւորներն ու ոստիկանները եւ անոնց ըսաւ. «Ես ծերացայ ու տարիքս առի։ Դուք տեսաք այն ամէնը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար ըրաւ այս բոլոր ազգերուն. քանզի ձեր Տէր Աստուածը՝ ինքը ձեզի համար պատերազմ ըրաւ։ Նայեցէք, ես ձեզի այս մնացած ազգերը վիճակով իբր ժառանգութիւն բաժնեցի՝ ձեր ցեղերուն համեմատ, Յորդանանէն, իմ կոտորած բոլոր ազգերովս մէկտեղ, մինչեւ մեծ ծովը դէպի արեւմուտք։ Ձեր Տէր Աստուածը ինքը ձեր առջեւէն պիտի հալածէ զանոնք ու պիտի վռնտէ եւ անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք, ինչպէս ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ըսաւ։ Ուստի խիստ ժի՛ր եղէք, որպէս զի Մովսէսին օրէնքներու գրքին մէջ գրուած բոլոր բաները զգուշութեամբ գործադրէք ու անկէ աջ կողմը կամ ձախ կողմը չխոտորիք. Որպէս զի ձեր քով մնացած այս ազգերուն հետ չխառնուիք՝ ՝ ու անոնց աստուածներուն անունները չյիշէք եւ անոնցմով երդում չընէք ու անոնց չծառայէք եւ անոնց երկրպագութիւն չընէք. Հապա ձեր Տէր Աստուծոյն յարիք, ինչպէս մինչեւ այսօր ըրիք։ Տէրը ձեր առջեւէն մեծ ու զօրաւոր ազգեր վռնտեց ու մինչեւ այսօր բնաւ մէկը չկրցաւ ձեզի դէմ դնել։ Ձեզմէ մէկը անոնց հազարը հալածեց, քանզի ձեր Տէր Աստուածը՝ ինքը՝ ձեզի համար պատերազմեցաւ, ինչպէս ձեզի խոստացած էր։ «Ուստի աղէկ զգուշութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի ձեր Տէր Աստուածը սիրէք։ Բայց եթէ անկէ դառնալու ըլլաք ու ձեր քով մնացած այս ազգերուն մնացորդին յարիք եւ անոնց հետ խնամութիւն ընէք ու դուք անոնց հետ խառնուիք եւ անոնք ալ ձեզի հետ, Ստոյգ գիտցէք, որ ձեր Տէր Աստուածը անգամ մըն ալ այս ազգերը ձեր առջեւէն պիտի չվռնտէ. հապա անոնք ձեզի որոգայթ ու գայթակղութիւն պիտի ըլլան եւ ձեր կողերուն՝ խթաններ ու ձեր աչքերուն՝ փուշեր, մինչեւ որ բնաջինջ ըլլաք այս ընտիր երկրին վրայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։ Ահա ես այսօր երկրին ճամբան կ’երթամ ու դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ։ Ու ինչպէս ձեր Տէր Աստուծոյ ձեզի համար ըրած բոլոր բարի խօսքերը ձեր վրայ կատարուեցան, նոյնպէս Տէրը բոլոր չար խօսքերը ձեր վրայ պիտի բերէ, մինչեւ որ բնաջինջ ընէ ձեզ այս ընտիր երկրին վրայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի տուաւ։ Եթէ ձեր Տէր Աստուծոյ ձեզի պատուիրած ուխտը զանց ընէք ու երթաք օտար աստուածներ պաշտէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք, Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ պիտի բորբոքի ու ձեզի տուած ընտիր երկրին վրայէն շուտով պիտի կորսուիք»։ Յեսու Իսրայէլի բոլոր ցեղերը Սիւքէմի մէջ հաւաքեց ու Իսրայէլի ծերերը, իշխանները, դատաւորները եւ ոստիկանները կանչեց ու անոնք Աստուծոյ առջեւ կեցան։ Յեսու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Առաջ ձեր հայրերը, Աբրահամին հայրը ու Նաքովրին հայրը Թարա, Գետին անդիի կողմը բնակեցան եւ օտար աստուածներ պաշտեցին։ Ու ես ձեր հայրը Աբրահամը Գետին անդիի կողմէն առի ու զանիկա Քանանի բոլոր երկրին մէջ պտըտցուցի եւ անոր սերունդը շատցուցի ու Իսահակը անոր տուի։ Եւ Իսահակին՝ Յակոբն ու Եսաւը տուի։ Եսաւին Սէիր լեռը ժառանգութիւն տուի։ Յակոբ ու անոր որդիները Եգիպտոս իջան։ Մովսէսն ու Ահարոնը ղրկելով Եգիպտոսը զարկի, (ինչպէս անոր մէջ ըրի,) ետքը ձեզ հանեցի։ Ուստի ես ձեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցի եւ դուք ծովը եկաք։ Եգիպտացիները կառքերով ու ձիաւորներով մինչեւ Կարմիր ծովը ձեր հայրերուն ետեւէն ինկան։ Այն ատեն ձեր հայրերը Տէրոջը աղաղակեցին։ Տէրը ձեր ու Եգիպտացիներուն մէջտեղ խաւար ձգեց ու ծովը Եգիպտացիներուն վրայ բերելով՝ զանոնք ծածկեց։ Ձեր աչքերը Եգիպտոսի մէջ ըրած բաներս տեսան ու շատ ժամանակ անապատին մէջ բնակեցաք։ Ետքը ձեզ բերի Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներուն երկիրը, որոնք ձեզի հետ պատերազմ ըրին։ Զանոնք ձեր ձեռքը տուի ու անոնց երկիրը ժառանգեցիք եւ զանոնք ձեր առջեւէն բնաջինջ ըրի։ Ետքը Մովաբի թագաւորը Սեպփօրեան Բաղակ ելաւ ու Իսրայէլի դէմ պատերազմ ըրաւ եւ մարդ ղրկեց Բէովրեան Բաղաամը կանչելու, որպէս զի ձեզ նզովէ, Բայց չուզեցի Բաղաամին մտիկ ընել ու անիկա ընդհակառակը ձեզ օրհնեց։ Անոր ձեռքէն ձեզ ազատեցի։ Ետքը Յորդանանէն անցնելով Երիքով եկաք։ Երիքովի բնակիչները՝ Ամօրհացիները, Փերեզացիները, Քանանացիները, Քետացիները, Գերգեսացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները ձեզի դէմ պատերազմ ըրին։ Ես զանոնք ձեր ձեռքը տուի։ Ձեր առջեւէն իշամեղուներ ղրկեցի, որոնք զանոնք, այսինքն Ամօրհացիներուն երկու թագաւորները, ձեր առջեւէն վռնտեցին։ Ո՛չ քու սրովդ եւ ո՛չ քու աղեղովդ վռնտուեցան ։ Ձեզի երկիր մը տուի, որուն մէջ դուք չաշխատեցաք եւ քաղաքներ՝ որոնք դուք չշինեցիք, որոնց մէջ կը բնակիք, կ’ուտէք այն այգիներէն ու ձիթենիներէն, որոնք դուք չտնկեցիք’։ «Ուստի հիմա Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ ծառայութիւն ըրէք եւ այն աստուածները, որոնց ձեր հայրերը Գետին անդիի կողմը ու Եգիպտոսի մէջ ծառայութիւն ըրին, մէկդի ձգեցէ՛ք եւ Տէրը պաշտեցէ՛ք։ Բայց եթէ Տէրոջը ծառայութիւն ընելը ձեզի հաճոյ չերեւնար, ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք՝ Գետին անդիի կողմը ձեր հայրերուն պաշտած աստուածնե՞րը, թէ Ամօրհացիներուն աստուածները, որոնց երկրին մէջ դուք կը բնակիք. բայց ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք»։ Այն ատեն ժողովուրդը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, որ մենք Եհովան թողունք եւ ուրիշ աստուածներ պաշտենք. Քանզի Եհովան՝ ինքն է մեր Աստուածը՝ ՝, որ մեզ ու մեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանեց եւ ինք մեր աչքերուն առջեւ մեծ նշաններ ըրաւ ու մեզ պահեց մեր գացած ճամբուն մէջ եւ բոլոր ազգերուն մէջ, որոնց մէջէն անցանք։ Եհովան բոլոր ազգերը ու այս երկրին մէջ բնակող Ամօրհացիները մեր առջեւէն վռնտեց. մենք ալ Եհովան պիտի պաշտենք, որովհետեւ մեր Աստուածը ինքն է»։ Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք չէք կրնար Եհովան պաշտել, քանզի անիկա սուրբ Աստուած է ու անիկա նախանձոտ Աստուած ըլլալով՝ ձեր յանցանքներն ու մեղքերը չի ներեր։ Քանզի երբ Եհովան թողուք ու օտար աստուածներ պաշտէք, այն ատեն պիտի դառնայ ու ձեզի բարիք ընելու տեղ՝ ՝ ձեզ չարչարելով բնաջինջ պիիտ ընէ»։ Ժողովուրդը Յեսուին ըսաւ. «Ո՛չ, հապա մենք Եհովան պիտի պաշտենք»։ Այն ատեն Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք ձեր անձերուն դէմ վկայ էք, որ դուք ձեզի Եհովան ընտրեցիք՝ զանիկա պաշտելու համար։ Ու անոնք ըսին՝ «Վկայ ենք»։ Ուրեմն հիմա ձեր մէջ եղած օտար աստուածները վերցուցէ՛ք եւ ձեր սիրտը Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դարձուցէ՛ք»։ Ժողովուրդը Յեսուին ըսաւ. «Մենք մեր Տէր Աստուածը պիտի պաշտենք ու անոր խօսքին պիտի հնազանդինք»։ Նոյն օրը Յեսու ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ ու Սիւքէմի մէջ կանոն ու օրէնք դրաւ։ Յեսու այս խօսքերը Աստուծոյ օրէնքներու գրքին մէջ գրեց ու մեծ քար մը առաւ եւ զանիկա Տէրոջը սրբարանին քով եղած բեւեկնիին տակ կանգնեցուց։ Յեսու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա այս քարը մեզի վկայ ըլլայ, քանզի ասիկա Տէրոջը մեզի հետ խօսած բոլոր խօսքերը լսեց. ուստի ասիկա ձեզի վկայ ըլլայ, որպէս զի չըլլայ թէ ձեր Աստուածը ուրանաք»։ Ետքը Յեսու ժողովուրդը արձակեց ու ամէն մարդ իր ժառանգութեանը գնաց ։ Այս բաներէն ետքը Տէրոջը ծառան Նաւեան Յեսու մեռաւ, հարիւր տասը տարեկան ըլլալով։ Ու զանիկա իր ժառանգութեանը սահմանին մէջ Գաաս լերան հիւսիսային կողմը՝ Եփրեմի լեռը Թամնաթ-Սարայի մէջ թաղեցին։ Յեսուի բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր գործերը գիտցող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Իսրայէլ Տէրոջը ծառայութիւն ըրաւ։ Յովսէփին ոսկորները, որոնք Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն հաներ էին, Սիւքէմի մէջ թաղեցին՝ ագարակին այն մասին մէջ, որ Յակոբ Սիւքէմի հօրը Եմովրի որդիներէն հարիւր կտոր արծաթի՝ ՝ ծախու առեր էր։ Անիկա Յովսէփի որդիներուն ժառանգութիւնը եղաւ։ Ահարոնի որդին Եղիազարն ալ մեռաւ ու զանիկա Եփրեմի լեռը, անոր որդիին Փենէհէսին տրուած բլուրին վրայ թաղեցին։ Յեսուին մեռնելէն յետոյ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հարցուցին ու ըսին. «Մեզմէ ո՞վ առաջ Քանանացիներուն վրայ պէտք է ելլէ՝ անոնց հետ պատերազմելու»։ Տէրը ըսաւ. «Յուդան թող ելլէ։ Ահա երկիրը անոր ձեռքը տուի»։ Յուդան իր եղբօրը Շմաւոնին ըսաւ. «Ինծի հետ իմ երկիրս ելի՛ր ու Քանանացիներուն հետ պատերազմինք։ Ես ալ քեզի հետ քու երկիրդ երթամ»։ Շմաւոն անոր հետ գնաց։ Յուդան ելաւ ու Տէրը Քանանացիներն ու Փերեզացիները անոնց ձեռքը տուաւ։ Անոնցմէ Բեզեկի մէջ տասը հազար մարդ կոտորեցին։ Բեզեկի մէջ Ադոնիբեզեկը գտնելով անոր հետ պատերազմեցան ու Քանանացիները եւ Փերեզացիները զարկին։ Ադոնիբեզեկ փախաւ, բայց անոնք անոր ետեւէն իյնալով զանիկա բռնեցին ու անոր ձեռքերուն ու ոտքերուն մեծ մատերը կտրեցին։ Ադոնիբեզեկ ըսաւ. «Ձեռքերնուն ու ոտքերնուն մեծ մատերը կտրուած եօթանասուն թագաւորներ իմ սեղանիս տակ ինկած փշրանքները կը հաւաքէին. ես ինչպէս որ ըսի, Աստուած ալ ինծի այնպէս հատուցում ըրաւ»։ Զանիկա Երուսաղէմ տարին ու հոն մեռաւ։ Յուդային որդիները Երուսաղէմին հետ պատերազմ ընելով զանիկա առին ու սուրի բերնէ անցնելով քաղաքը կրակով այրեցին։ Անկէ յետոյ Յուդային որդիները վար իջան, որպէս զի լեռնակողմը ու հարաւային կողմը ու դաշտի մէջ բնակող Քանանացիներուն դէմ պատերազմին։ Յուդան Քեբրոնին մէջ բնակող Քանանացիներուն վրայ գնաց. (Քեբրոնին անունը առաջ Կարիաթ-Արբա էր.) եւ անոնք Սէսին, Աքիմանը ու Թոլմին զարկին։ Անկէ Դաբիրին բնակիչներուն վրայ գնաց. (Դաբիրին անունը առաջ Կարիաթ-Սեփեր էր.) Եւ Քաղէբ ըսաւ. «Ով որ Կարիաթ-Սեփերը զարնէ ու առնէ, իմ աղջիկս Աքսան անոր կնութեան պիտի տամ»։ Ուստի Քաղէբին պզտիկ եղբօրը Կենեզին որդին Գոթոնիէլը զարկաւ առաւ զանիկա եւ Քաղէբ իր աղջիկը Աքսան անոր կնութեան տուաւ։ Երբ աղջիկը անոր կ’երթար, զանիկա յորդորեց որ իր հօրմէն ագարակ մը ուզէ։ Աղջիկը էշէն վար իջաւ։ Քաղէբ ըսաւ անոր. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Աղջիկը հօրը ըսաւ. «Ինծի օրհնութիւն տուր։ Ինծի հարաւային երկիր մը տուիր։ Ջուրի աղբիւրներ ալ տուր»։ Ուստի Քաղէբ վերի աղբիւրները ու վարի աղբիւրները տուաւ անոր։ Մովսէսին աներոջ Կենեցիին որդիները Յուդային որդիներուն հետ Արմաւենիներուն քաղաքէն Արադին հարաւային կողմը եղող Յուդային անապատը ելան ու գացին ժողովուրդին հետ բնակեցան։ Յուդան իր եղբօրը Շմաւոնին հետ գնաց ու Սեփաթի մէջ բնակող Քանանացիները զարկին եւ զանիկա նզովեցին ու այն քաղաքին անունը Հօրմա կոչեցին։ Ետքը Յուդայեաններուն Գազան ու անոր սահմանը եւ Ասկաղոնն ու անոր սահմանը առին։ Տէրը Յուդային հետ էր ու անիկա լերանը տիրեց, բայց հովիտներուն բնակիչները չկրցաւ վռնտել, քանզի անոնք երկաթէ կառքեր ունէին։ Քեբրոնը Քաղէբին տուին, ինչպէս Մովսէս ըսեր էր, որը անկէ Ենակին երեք որդիները վռնտեց։ Բենիամինին որդիները Երուսաղէմի մէջ բնակող Յեբուսացիները չվռնտեցին։ Յեբուսացիները Բենիամինին որդիներուն հետ Երուսաղէմի մէջ բնակեցան մինչեւ այսօր։ Յովսէփին տունն ալ Բեթէլի վրայ ելան ու Տէրը անոնց հետ էր։ Յովսէփին տունը Բեթէլը լրտեսեցին. (այն քաղաքին անունը առաջ Լուզ էր.) Եւ պահապանները մարդ մը տեսան, որ այն քաղաքէն կ’ելլէր ու անոր ըսին. «Շնորհք ըրէ՛. քաղաքը մտնելու կողմը մեզի ցուցուր ու քեզի ողորմութիւն ընենք»։ Անիկա քաղաքը մտնելու կողմը ցուցուց անոնց։ Քաղաքը սուրի բերնէ անցուցին, բայց այն մարդը եւ անոր բոլոր ազգատոհմը թող տուին։ Այն մարդը Քետացիներուն երկիրը գնաց եւ հոն քաղաք մը շինեց ու անոր անունը Լուզ կոչեց։ Մինչեւ այսօր անոր անունը այդ է։ Մանասէն Բեթսանը եւ անոր գիւղաքաղաքները, Թանաքն ու անոր գիւղաքաղաքները, Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Յեբղաամի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղաքաղաքները չզարկաւ եւ Քանանացիները շարունակեցին այս երկրին մէջ բնակիլ։ Երբ Իսրայէլ ուժովցաւ, Քանանացիները հարկատու ըրաւ, բայց զանոնք բոլորովին չվռնտեց։ Եփրեմն ալ Գազերի մէջ բնակող Քանանացիները չվռնտեց ու Քանանացիները անոր հետ Գազերի մէջ բնակեցան։ Զաբուղոն Կեթրոնի բնակիչները եւ Նաաղօլի բնակիչները չվռնտեց ու Քանանացիները անոնց մէջ բնակելով հարկատու եղան։ Ասեր Ակքովին բնակիչները՝ Սիդոնի, Աքղաբի, Աքեզիբի, Ելբայի, Ափէկի ու Րոոբի բնակիչները՝ չվռնտեց. Հապա Ասերեանները այն երկիրը բնակող Քանանացիներուն մէջ բնակեցան, որովհետեւ զիրենք չվռնտեցին։ Նեփթաղիմ՝ Բեթսամիւսի բնակիչներն ու Բեթանաթի բնակիչները չվռնտեց, հապա այն երկիրը բնակող Քանանացիներուն մէջ բնակեցաւ եւ Բեթսամիւսի ու Բեթանաթի բնակիչները անոր հարկատու եղան։ Ամօրհացիները Դանի որդիները լերան վրայ նեղը ձգեցին, քանզի անոնց չթողուցին որ հովիտները իջնեն։ Ամօրհացիները հաստատամտութեամբ Հարէս լեռը, Այեղօն ու Սաղաբինի մէջ բնակեցան. բայց երբ Յովսէփին տանը ձեռքը ուժովցաւ, անոնք հարկատու եղան։ Ամօրհացիներուն սահմանը Ակրաբիմի զառիվերէն, Վէմէն վեր էր։ Տէրոջը հրեշտակը Գաղգաղայէն Բոքիմ ելաւ ու ըսաւ. «Ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի եւ ձեզ այն երկիրը բերի, որուն համար ձեր հայրերուն երդում ըրեր էի ու ըսի թէ՝ ‘Ձեզի հետ ըրած ուխտս յաւիտեան պիտի չաւրեմ։ Այս երկրին բնակիչներուն հետ դաշնակցութիւն մի՛ ընէք, անոնց սեղանները փլցուցէ՛ք’. բայց դուք իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիք։ Ինչո՞ւ համար այս բանը ըրիք։ Ես ալ ըսի. ‘Զանոնք ձեր առջեւէն պիտի չվռնտեմ, հապա անոնք ձեզի թշնամի ու անոնց աստուածներն ալ ձեզի որոգայթ պիտի ըլլան’»։ Երբ Տէրոջը հրեշտակը բոլոր Իսրայէլի որդիներուն այս խօսքերը ըսաւ, ժողովուրդը ձայնը վերցնելով լացաւ։ Եւ այն տեղին անունը Բոքիմ կոչեցին ու հոն Տէրոջը զոհ մատուցանեցին։ Երբ Յեսու ժողովուրդը արձակեց, Իսրայէլի որդիները ամէն մէկը իր կալուածքը գնաց՝ երկիրը ժառանգելու համար։ Ժողովուրդը, Յեսուին բոլոր օրերուն մէջ ու Յեսուէն ետքը ողջ մնացող եւ Իսրայէլին համար Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը տեսնող ծերերուն բոլոր օրերուն մէջ, Տէրոջը ծառայութիւն ըրին։ Տէրոջը ծառան Յեսու Նաւեան հարիւր տասը տարեկան մեռաւ։ Զանիկա իր ժառանգութեանը սահմանին մէջ Գաաս լերանը հիւսիսային կողմը, Եփրեմի լեռը, Թամնաթ-Հարեսի մէջ թաղեցին։ Այն դարուն բոլոր մարդիկը իրենց հայրերուն խառնուեցան ու անոնցմէ յետոյ ուրիշ ազգ մը ելաւ, որ Տէրը ու Իսրայէլին համար անոր ըրած գործերը չէր ճանչնար։ Եւ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը պաշտեցին Եւ թողուցին իրենց հայրերուն Աստուածը, որ զիրենք Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր ու օտար աստուածներու ետեւէն գացին, այսինքն իրենց բոլորտիքը եղող ազգերուն քանի մը աստուածներուն ու անոնց երկրպագութիւն ըրին եւ Տէրը սրդողցուցին։ Անոնք Տէրը թողուցին եւ Բահաղն ու Աստարովթը պաշտեցին։ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք կողոպտիչներու ձեռքը մատնեց, որոնք զանոնք կողոպտեցին։ Զանոնք շրջակայ թշնամիներուն ծախեց ու ալ չէին կրնար իրենց թշնամիներուն դէմ կենալ։ Ուր որ երթային՝ Տէրոջը ձեռքը անոնց վրայ էր չարիք ընելու համար, ինչպէս Տէրը ըսեր էր եւ ինչպէս անոնց երդում ըրեր էր, որով խիստ մեծ նեղութեան մէջ ինկան։ Տէրը դատաւորներ հանեց, որոնք կողոպտիչներուն ձեռքէն ազատեցին զանոնք։ Սակայն իրենց դատաւորներուն ալ մտիկ չըրին ու օտար աստուածներու ետեւէ երթալով պոռնկութիւն ըրին ու անոնց երկրպագութիւն ըրին։ Շուտով խոտորեցան այն ճամբայէն, որուն մէջ իրենց հայրերը կը քալէին Տէրոջը հրամաններուն հնազանդելով, բայց ասոնք այնպէս չըրին։ Երբ Տէրը անոնց դատաւորներ կը հանէր, Տէրը դատաւորին հետ ըլլալով, դատաւորին բոլոր օրերը զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն կ’ազատէր. քանզի անոնց նեղութիւն տուողներուն ու չարչարողներուն երեսէն անոնց հեծութիւններուն համար Տէրը կը խղճար։ Երբ դատաւորը մեռնէր, կը դառնային նորէն օտար աստուածներու ետեւէ կ’երթային, զանոնք կը պաշտէին եւ անոնց երկրպագութիւն կ’ընէին ու իրենց հայրերէն աւելի անօրէնութիւն կ’ընէին. իրենց չար գործերէն ու իրենց ծուռ ճամբայէն չէին դառնար։ Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքելով՝ ըսաւ. «Որովհետեւ այս ազգը իրենց հայրերուն պատուիրած ուխտս զանց ընելով, իմ ձայնիս հնազանդութիւն չըրին, Ես ալ այսուհետեւ անոնց առջեւէն բնաւ մէկը պիտի չվռնտմ այն ազգերէն, որոնք Յեսու իր մեռած ատենը թողուց։ Որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը փորձեմ, թէ արդեօք իրենց հայրերուն պէս զգուշութիւն պիտի ընե՞ն Տէրոջը ճամբէն քալելու, թէ ոչ»։ Ուստի Տէրը այս ազգերը թող տուաւ եւ շուտով չվռնտեց ու զանոնք Յեսուին ձեռքը չմատնեց։ Ասոնք են այն ազգերը որոնք Տէրը թողուց, որպէս զի անոնցմով Իսրայէլը, այսինքն Քանանացիներուն բոլոր պատերազմները չգիտցողները փորձէ. (Միայն ասոր համար՝ որ Իսրայէլի որդիներուն սերունդը, մանաւանդ նախապէս չգիտցողները, պատերազմ սորվին ու գիտնան.) Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւնները եւ բոլոր Քանանացիները ու Սիդոնացիները, Լիբանանի լեռը բնակող Խեւացիները, Բաաղհերմոն լեռնէն մինչեւ Եմաթի մուտքը։ Ասոնցմով պիտի փորձէր Իսրայէլը, որպէս զի գիտնայ թէ արդեօք պիտի հնազանդի՞ն Տէրոջը պատուիւանքներուն, որոնք Մովսէսին միջոցով անոնց հայրերուն տուեր էր։ Իսրայէլին որդիները Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամօրհացիներուն, Փերեզացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն մէջ բնակեցան։ Անոնց աղջիկները իրենց կին առին ու իրենց աղջիկներն ալ անոնց տուին։ Անոնց աստուածները պաշտեցին։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին եւ իրենց Տէր Աստուածը մոռնալով Բահաղիմը ու Աստարովթը պաշտեցին։ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք Միջագետքի Քուսարսաթեմ թագաւորին ձեռքը մատնեց։ Իսրայէլին որդիները ութ տարի ծառայութիւն ըրին Քուսարսաթեմին։ Ետքը Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին ու Տէրը Իսրայէլի որդիներուն փրկիչ մը հանեց, Քաղէբին պզտիկ եղբօրը Կենեզի որդին Գոթոնիէլը, որ զանոնք ազատեց։ Տէրոջը Հոգին անոր վրայ ըլլալով՝ Իսրայէլի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէր ու երբ պատերազմի ելաւ, Տէրը Միջագետքի Քուսարսաթեմ թագաւորը անոր ձեռքը տուաւ եւ անոր ձեռքը Քուսարսաթեմի դէմ զօրացաւ։ Երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ։ Կենեզեան Գոթոնիէլը մեռաւ։ Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելնուն համար Տէրը Մովաբի Էգղոն թագաւորը Իսրայէլին դէմ ուժովցուց։ Անիկա Ամմոնի ու Ամաղէկի որդիները իր քով հաւաքեց եւ գնաց Իսրայէլը զարկաւ ու Արմաւենիներուն քաղաքին տիրեց։ Եւ Իսրայէլին որդիները Մովաբի Էգղոն թագաւորին տասնըութը տարի ծառայուիթւն ըրին։ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին եւ Տէրը անոնց փրկիչ մը հանեց, Բենիամինեան Գերային որդին Աւովդը, որ ահեկագործ էր ու Իսրայէլի որդիները անոր ձեռքով Մովաբի Էգղոն թագաւորին ընծայ ղրկեցին։ Աւովդ մէկ կանգնաչափ երկայնութեամբ երկսայրի սուր մը շինեց իրեն ու զանիկա լաթերուն տակէն իր աջ ազդրին վրայ կապեց։ Ընծան Մովաբի Էգղոն թագաւորին տարաւ. (Էգղոն խիստ գէր մարդ մըն էր.) Երբ ընծան տուաւ լմնցուց, ընծան կրող մարդիկը ետ ղրկեց։ Ինք Գաղգաղայի մօտ եղած քարահանքէն ետ դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քեզի ծածուկ խօսք մը ունիմ»։ Անիկա ըսաւ. «Լուռ կեցիր»։ Անոր քով եղողները դուրս ելան։ Աւովդ անոր մօտեցաւ։ Անիկա նստեր էր իրեն յատկացեալ ամառնային վերնատանը մէջ։ Աւովդ անոր ըսաւ. «Քեզի Աստուծոյ կողմանէ խօսք մը ունիմ»։ Անիկա աթոռին վրայէն ելաւ։ Աւովդ իր ձախ ձեռքը երկնցնելով սուրը իր աջ ազդրին վրայէն քաշեց ու թագաւորին փորը խոթեց, Այնպէս որ երկաթին ետեւէն կոթն ալ ներս մտաւ ու գիրուցը երկաթը բռնեց, այնպէս որ սուրը անոր փորէն չկրցաւ հանել ու աղբը դուրս ելաւ։ Աւովդ սրահը ելաւ ու վերնատանը դռները անոր վրայէն գոցեց ու փականքը զարկաւ։ Ինք ելաւ գնաց ։ Էգղոնին ծառաները գացին նայեցան, որ ահա վերնատանը դռներուն փականքը գոցուած էր ու ըսին. «Անիկա անտարակոյս իր ամառնային սենեակին մէջ հարկաւորութեան գացած է՝ ՝»։ Բաւական սպասեցին՝ մինչեւ որ ամչցան, բայց ահա վերնատանը դռները չէին բացուեր։ Բանալին առին, բացին, ահա իրենց տէրը գետնին վրայ ինկած մեռած էր։ Քանի որ անոնք կը տընտընային՝ Աւովդ փախաւ եւ քարահանքէն անցնելով ողջ առողջ Սէիր հասաւ։ Երբ հասաւ, Եփրեմին լերանը վրայ փող հնչեցուց եւ Իսրայէլի որդիները անոր հետ այն լեռնէն վար իջան ու ինք անոնց առջեւէն կ’երթար ։ Անոնց ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկէք, քանզի Տէրը ձեր թշնամիները, Մովաբացիները, ձեր ձեռքը տուաւ»։ Ուստի անոր ետեւէն իջան եւ Մովաբի առջեւէն ՝ ՝ Յորդանանի անցքերը բռնեցին ու չթողուցին, որ մարդ մը անցնի։ Այն ժամանակ Մովաբէն տասը հազարի չափ մարդ կոտորեցին, որոնց ամէնքն ալ յաղթանդամ ու զօրաւոր մարդիկ էին եւ մէ՛կը չկրցաւ փախչիլ։ Ու այն օրը Մովաբ Իսրայէլի ձեռքին տակ նուաճուեցաւ ու երկիրը ութսուն տարի հանգստացաւ։ Եւ անկէ յետոյ Անաթի որդին Սամեգար ելաւ ու եզներու խթանով մը Փղշտացիներէն վեց հարիւր մարդ կոտորեց եւ Իսրայէլը ազատեց։ Աւովդի մեռնելէն յետոյ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ նորէն չարութիւն ըրին։ Տէրը մատնեց զանոնք Քանանացիներուն Յաբին թագաւորին ձեռքը, որ Հասորի մէջ կը թագաւորէր եւ անոր զօրագլուխը Սիսարա էր, որ Արիսօթի մէջ կը բնակէր։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին. քանզի անիկա ինը հարիւր երկաթէ կառքեր ունէր ու անիկա քսան տարի Իսրայէլի որդիները սաստիկ նեղեց։ Այն ատեն Դեբօրա մարգարէուհին՝ Ղաբիդօթի կինը՝ Իսրայէլի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէր։ Անիկա Եփրեմի լերանը վրայ, Ռամայի ու Բեթէլի մէջտեղ, Դեբօրային արմաւենիին տակ կը բնակէր։ Իսրայէլին որդիները դատաստանի համար անոր կ’ելլէին։ Դեբօրան մարդ ղրկեց եւ Նեփթաղիմի Կադէսէն Աբինոամի որդին Բարակը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը քեզի չհրամայե՞ց ըսելով. ‘Գնա՛, Թաբօր լեռը ելի՛ր ու Նեփթաղիմի որդիներէն քեզի հետ տասը հազար մարդ առ Ու ես Յաբինի զօրագլուխը Սիսարան եւ անոր կառքերն ու զօրաց բազմութիւնը քու դէմդ պիտի հանեմ Կիսոն հեղեղատին քով ու զանիկա քու ձեռքդ պիտի մատնեմ’»։ Բարակ անոր ըսաւ. «Եթէ դուն ալ ինծի հետ երթաս, կ’երթամ. բայց եթէ ինծի հետ չերթաս, չեմ երթար»։ Դեբօրա ըսաւ. «Անշուշտ ես քեզի հետ պիտի երթամ, բայց քու երթալու ճամբադ քեզ քու փառքիդ պիտի չառաջնորդէ. քանզի Տէրը Սիսարան կնոջ մը ձեռքը պիտի մատնէ»։ Դեբօրան ելաւ ու Բարակին հետ Կադէս գնաց։ Բարակ Զաբուղոնն ու Նեփթաղիմը Կադէսի մէջ հաւաքեց եւ տասը հազար մարդով ելաւ։ Դեբօրա ալ անոր հետ ելաւ։ Մովսէսին աներոջ Յոբաբին որդիներէն Կենեցի Քաբերը Կենեցիներէն զատուեր էր ու իր վրանը Կադէսի մօտ Սանանիմի Կաղնիին քով կանգնեցուցեր էր։ Այն ատեն Սիսարային իմացուցին թէ Աբինոամի որդին Բարակ Թաբօր լեռը ելեր է։ Սիսարան իր բոլոր կառքերը, ինը հարիւր երկաթէ կառքերը ու իրեն հետ եղող բոլոր զօրքը Արիսօթէն Կիսոն հեղեղատը հաւաքեց։ Դեբօրա ըսաւ Բարակին. «Ոտքի՛ ելիր, քանզի Տէրը այսօր Սիսարան քու ձեռքդ մատնեց. միթէ Տէրը քու առջեւէդ չելա՞ւ»։ Բարակ Թաբօր լեռնէն իջաւ եւ իրեն հետ տասը հազար մարդ կար։ Տէրը Սիսարան եւ բոլոր կառքերն ու բոլոր բանակը Բարակին առջեւ սուրի բերնով խորտակեց։ Սիսարան կառքէն վար իջաւ ու ոտքով փախաւ։ Բարակ կառքերն ու բանակը մինչեւ Արիսօթը հալածեց ու Սիսարային բոլոր բանակը սուրի բերնով ինկաւ ու մարդ մը չմնաց։ Սիսարա ոտքով Կենեցի Քաբերին կնոջ Յայէլին վրանը փախաւ. քանզի Հասորի Յաբին թագաւորին ու Կենեցի Քաբերին տանը մէջտեղ խաղաղութիւն կար։ Ուստի Յայէլ Սիսարան դիմաւորելու ելաւ ու անոր ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, դարձի՛ր, ինծի՛ դարձիր, մի՛ վախնար»։ Ուստի անիկա դէպի վրանը անոր դարձաւ։ Կինը զանիկա վերմակով մը ծածկեց։ Անիկա կնոջը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ինծի քիչ մը ջուր տուր որ խմեմ, քանզի ծարաւ եմ»։ Ան ալ կաթին տիկը բացաւ ու անոր խմցուց. ետքը զանիկա ծածկեց։ Անիկա կնոջը ըսաւ. «Վրանին դուռը կեցի՛ր ու եթէ մարդ մը գայ, քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ ‘Այս տեղ մարդ կա՞յ’, ‘Չկայ’, ըսէ՛»։ Քաբերին կինը Յայէլ վրանին մէկ ցիցը առաւ, ուռն ալ ձեռքը բռնելով՝ կամացուկ մը անոր քով գնաց, ցիցը անոր ծամելիքը մխելով մինչեւ գետինը գամեց։ Անիկա յոգնած ըլլալուն համար խորունկ քունի մէջ էր։ Այսպէս մեռաւ։ Բարակ Սիսարային ետեւէն կը վազէր եւ Յայէլ զանիկա դիմաւորելու ելաւ ու անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քու փնտռած մարդդ քեզի ցուցնեմ»։ Անիկա կնոջը հետ ներս մտաւ եւ ահա Սիսարան մեռած պառկեր էր ու ցիցը անոր ծամելիքին մէջն էր։ Աստուած այն օրը Քանանացիներուն Յաբին թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն առջեւ կորագլուխ ըրաւ։ Քանանացիներուն Յաբին թագաւորին դէմ Իսրայէլի որդիներուն ձեռքը օրէ օր կը զօրանար, մինչեւ որ Քանանացիներուն Յաբին թագաւորը բնաջինջ եղաւ։ Այն օրը Դեբօրա ու Աբինոամի որդին Բարակ երգեցին ու ըսին. «Իսրայէլի զօրավարներուն առաջնորդներուն Ու ժողովուրդին յօժարակամ անձնուէր ըլլալուն համար՝ Տէրը օրհնեցէ՛ք։ Ո՜վ թագաւորներ, մտի՛կ ըրէք, Ո՜վ նախարարներ, ակա՛նջ դրէք. Ես Տէրոջը պիտի երգեմ, Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն սաղմոս պիտի ըսեմ։ Ո՜վ Տէր, երբ դուն Սէիրէ ելար Ու Եդովմի դաշտէն չուեցիր, Երկիրը շարժեցաւ, երկինքը անձրեւ տեղաց, Ամպերն ալ ջուր կաթեցուցին։ Տէրոջը երեսէն լեռները հալեցան, Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն երեսէն Սինան ալ հալեցաւ ։ Անաթի որդիին Սամեգարի օրերը, Յայէլի օրերը, Մեծ ճամբաները անկոխ էին՝ ՝ Ու ճանապարհորդները խոտորնակ ճամբաներէ կ’երթային։ Իսրայէլի մէջ զօրավարներ չմնացին, Չմնացին, մինչեւ որ ես Դեբօրա ելայ, Մինչեւ որ ելայ Իսրայէլի մէջ մայր ըլլալու։ Նոր աստուածներ ընտրեցին. Այն ատեն իրենց դռներուն մէջ պատերազմ եղաւ, Արդեօք Իսրայէլի քառասուն հազար զօրքին մէջ Վահան կամ նիզակ երեւցա՞ւ։ Իմ սիրտս Իսրայէլի իշխաններուն վրայ է. Ո՛վ ժողովուրդին անձնուէր եղողներ, Տէրը օրհնեցէ՛ք։ «Ճերմակ էշերու վրայ հեծնողներ, Դատաստանի ատեանը նստողներ Ու ճամբու վրայ պտըտողներ, խօսեցէ՛ք։ Աղեղնաւորներուն ձայնէն ազատուած ՝ Ջուր հանելու տեղերուն մէջ, Հոն Տէրոջը արդարութիւնները Ու Իսրայէլի մէջ անոր զօրավարներուն արդարութիւնները թող պատմեն. «Այն ատեն Տէրոջը ժողովուրդը դռները իջան։ «Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ո՛վ Դեբօրա, Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու երգէ՛. Ո՛վ Բարակ, ելի՛ր. Ո՛վ Աբինոամի որդի, քու գերութիւնդ գերի ըրէ՛։ Այն ատեն փախստականները Ժողովուրդին զօրավարներուն վրայ յարձակեցան. Տէրը ինծի հետ Զօրավարներուն դէմ իջաւ։ Եփրեմին արմատէն եղողները Ամաղէկի վրան ելան. Բենիամինը քու ետեւէդ քու ժողովուրդիդ մէջ եկաւ. Մաքիրէն՝ իշխաններ Ու Զաբուղոնէն դպիրի գրիչ բռնողներ իջան։ Եւ Իսաքարին զօրավարները Դեբօրային հետ Ու Իսաքար ալ Բարակին պէս Անոր ետեւէն հովիտը ղրկուեցաւ. Ռուբէնին տոհմերուն մէջ Մեծ յուզմունք կար. Ինչո՞ւ համար փարախներուն մէջ նստար, Որ հօտերուն մայե՞լը՝ ՝ լսես։ Ռուբէնին տոհմերուն մէջ Մեծ տարակուսանք կար։ Գաղաադ Յորդանանին անդիի կողմը կը բնակէր Ու Դան ինչո՞ւ համար նաւերու մէջ պանդուխտ մնաց։ Ասեր ծովուն եզերքը կը նստէր, Ու իր նաւահանգիստներուն քով կը բնակէր։ Զաբուղոն ու Նեփթաղիմ այնպիսի ժողովուրդ մըն է, Որ դաշտին բարձր տեղերը զինք մահուան վտանգին մէջ կը դնէ։ Թագաւորները եկան, պատերազմ ըրին. Այն ատեն Քանանացիներու թագաւորները Մակեդդովի ջուրին քով Թանաքի մէջ պատերազմ ըրին. Ստակ չշահեցան։ Երկնքէն պատերազմ ըրին. Աստղերը իրենց շրջաններէն Սիսարայի դէմ պատերազմ ըրին։ Կիսոն հեղեղատը, այն հին հեղեղատը, Կիսոն հեղեղատը զանոնք քշեց տարաւ։ Ո՛վ իմ անձս, անոնց զօրութիւնը կոխեցիր։ Այն ատեն ձիերուն սմբակները Սաստիկ վազելուն համար կտոր կտոր եղան, Զօրավարներուն վազցնելովը։ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. «Մարովզը նզովեցէ՛ք, Անոր բնակիչները սաստիկ նզովեցէ՛ք, Քանզի Տէրոջը օգնութեան, Զօրաւոր թշնամի ներուն դէմ Տէրոջը օգնութեան չեկան»։ Կենեցի Քաբերին կինը Յայէլ Կիներուն մէջ ամենէն աւելի օրհնեալ ըլլայ. Վրաններու մէջ բնակող կիներէն Աւելի օրհնեալ ըլլայ։ Սիսարա ջուր ուզեց. կաթ տուաւ, Իշխաններուն ամանովը կոգի մատուցանեց։ Անիկա իր ձեռքը ցիցին Ու իր աջ ձեռքը հիւսնի ուռին երկնցուց Ու Սիսարային զարնելով գլուխը ճեղքեց Ու ցիցը անոր ծամելիքը մխելով խոցեց։ Անիկա ծռեցաւ, Յայէլին ոտքերուն մէջ ինկաւ փռուեցաւ, Ոտքերուն մէջ ծռեցաւ ինկաւ. Ուր որ ծռեցաւ, հոն մեռած ինկաւ։ Սիսարային մայրը պատուհանէն նայեցաւ Ու վանդակին ետեւէն աղաղակեց. ‘Ինչո՞ւ համար անոր կառքը կ’ուշանայ գալու, Ինչո՞ւ անոր կառքերուն քայլերը ետ կը մնան’։ Անոր իմաստուն տիկինները անոր պատասխան տուին, Ինք ալ իր խօսքերուն պատասխանը իրեն կու տար. ‘Անշուշտ անոնք աւար գտան, Զանիկա բաժնելու վրայ են. Ամէն կտրիճի համար մէկ կամ երկու աղջիկ, Իսկ Սիսարային համար գոյնզգոյն աւար մը, Գոյնզգոյն նկարագործ աւար մը, Երկու կողմը բանուած ու գոյնզգոյն վզնոցներ աւար առած պիտի ըլլան’ ։ Ո՛վ Տէր, քու բոլոր թշնամիներդ Այսպէս թող կորսուին. Իսկ զանիկա սիրողները Իր զօրութիւնովը ելլող արեւուն պէս ըլլան»։ Ու երկիրը քառասուն տարի հանգստացաւ։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Տէրը զանոնք եօթը տարի Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց։ Մադիանացիներուն ձեռքը Իսրայէլին վրայ ուժովցաւ ու Իսրայէլին որդիները Մադիանացիներուն պատճառով իրենց համար լեռներու մէջ խոռոչներ, քարայրներ, պատնէշներ շինեցին։ Երբ Իսրայելացիները սերմ կը ցանէին, Մադիանացիները անոնց վրայ կ’ելլէին եւ Ամաղեկացիներն ու արեւելքի բնակիչներն ալ կ’ելլէին Եւ անոնց դէմ բանակ կազմելով գետնին բերքը կ’աւերէին մինչեւ Գազա ու Իսրայէլին ապրուստ մը չէին թողուր, ո՛չ ոչխար, ո՛չ արջառ եւ ո՛չ էշ. Քանզի անոնք իրենց հօտերովն ու վրաններովը կ’ելլէին եւ մարախի պէս բազմութեամբ կու գային. թէ՛ անոնք եւ թէ՛ անոնց ուղտերը չէին համրուեր ու Իսրայէլի երկիրը կու գային զանիկա աւերելու համար։ Իսրայէլ Մադիանացիներուն պատճառով շատ աղքատացաւ։ Այն ատեն Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին։ Երբ Իսրայէլին որդիները Տէրոջը աղաղակեցին Մադիանացիներուն պատճառով, Տէրը Իսրայէլին որդիներուն մարգարէ մը ղրկեց ու անիկա ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի ու ձեզ ծառայութեան տունէն դուրս բերի Եւ ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն ու բոլոր ձեզի նեղութիւն տուողներուն ձեռքէն ազատեցի եւ զանոնք ձեր առջեւէն վռնտելով անոնց երկիրը ձեզի տուի Ու ձեզի ըսի՝ ‘Ես եմ ձեր Եհովա Աստուածը. մի՛ վախնաք Ամօրհացիներուն աստուածներէն, որոնց երկրին մէջ կը բնակիք’։ Բայց դուք իմ խօսքիս մտիկ չըրիք’»։ Տէրոջը հրեշտակը եկաւ ու Աբիեզերեան Յովասին բեւեկնիին տակ նստաւ, որ Եփրայի մէջ էր ու Յովասին որդին Գեդէօն հնձանին մէջ ցորեն կը ծեծէր՝ Մադիանացիներուն երեսէն փախցնելու համար։ Տէրոջը հրեշտակը անոր երեւցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ զօրաւոր կտրիճ, Տէրը քեզի հետ է»։ Գեդէօն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, եթէ Տէրը մեզի հետ է, ինչո՞ւ համար այս բոլոր բաները մեր գլխուն եկան։ Ո՞ւր են անոր հրաշքները, որոնց մասին մեր հայրերը մեզի կը պատմեն՝ ըսելով թէ ‘Տէրը մեզ Եգիպտոսէն հանեց’. բայց հիմա Տէրը մեզ երեսէ ձգեց ու մեզ Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց»։ Տէրը անոր նայեցաւ ու ըսաւ. «Այդ քու զօրութիւնովդ գնա՛, որպէս զի Իսրայէլը Մադիանացիներուն ձեռքէն ազատես։ Չէ՞ որ ես քեզ ղրկեցի»։ Գեդէօն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, Տէր իմ, Իսրայէլը ինչո՞վ ազատեմ. ահա իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Ես անշուշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ ու Մադիամը մէկ մարդու պէս պիտի զարնես»։ Եւ Գեդէօն անոր ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, եթէ ես քու աչքիդ առջեւ շնորհք գտայ, ինծի նշան մը ցուցուր, որպէս զի գիտնամ թէ ինծի հետ խօսողը դուն ես։ Կ’աղաչեմ որ ասկէ չերթաս, մինչեւ ես քեզի գամ, իմ ընծաս բերեմ ու քու առջեւդ դնեմ»։ Հրեշտակը ըսաւ. «Ես կ’սպասեմ մինչեւ որ դուն դառնաս»։ Գեդէօն ներս մտաւ, այծերէն ուլ մը եւ մէկ արդու ալիւրէ բաղարջ շօթեր պատրաստեց. միսը սակառի մը մէջ դրաւ ու արգանակն ալ պտուկի մը մէջ դրաւ եւ հրեշտակին առջեւ հանեց բեւեկնիին տակ ու անոր մատուցանեց։ Աստուծոյ հրեշտակը անոր ըսաւ. «Միսն ու բաղարջ շօթերը ա՛ռ այս վէմին վրայ դիր ու արգանակը թափէ՛»։ Անիկա այնպէս ըրաւ։ Այն ատեն Տէրոջը հրեշտակը իր ձեռքի գաւազանին ծայրը երկնցուց ու միսին եւ բաղարջ շօթերուն դպաւ ու վէմէն կրակ ելլելով միսը եւ բաղարջ շօթերը այրեց։ Տէրոջը հրեշտակը անոր աչքերուն առջեւէն գնաց։ Գեդէօն հասկցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն էր։ Գեդէօն ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա Տէրոջը հրեշտակը երես առ երես տեսայ»։ Բայց Տէրը անոր ըսաւ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, մի՛ վախնար. պիտի չմեռնիս»։ Գեդէօն հոն Տէրոջը սեղան մը շինեց ու անոր անունը Եհովա-Շալօմ կոչեց, որ մինչեւ այսօր Աբիեզերեաններու Եփրային մէջ կեցած է։ Այն գիշերը Տէրը անոր ըսաւ. «Քու հօրդ զուարակը՝ եօթը տարեկան երկրորդ զուարակը՝ ա՛ռ եւ քու հօրդ ունեցած Բահաղին սեղանը փլցուր ու քովի Աստարովթը կոտրէ։ Եւ այս ապառաժ քարին գլուխը օրինաւոր կերպով՝ ՝ քու Տէր Աստուծոյդ սեղան մը շինէ ու երկրորդ զուարակը ա՛ռ եւ քու կոտրած Աստարովթիդ փայտերովը ողջակէզ ըրէ»։ Գեդէօն իր ծառաներէն տասը մարդ առաւ եւ Տէրոջը իրեն ըսածին պէս ըրաւ ու իր հօրը տունէն եւ քաղաքին մարդոցմէն վախնալով այս բանը ցորեկը ընելու տեղ՝ գիշերը ըրաւ։ Երբ քաղաքին մարդիկը առաւօտուն կանուխ ելան, տեսան որ Բահաղին սեղանը փլած եւ անոր քովի Աստարովթը կոտրած ու երկրորդ զուարակը շինուած սեղանին վրայ ողջակէզ եղած էր։ Ուստի իրարու ըսին. «Այս բանը ո՞վ ըրաւ» եւ փնտռեցին ու քննեցին ու ըսուեցաւ թէ այս բանը Յովասին որդին Գեդէօնը ըրաւ։ Քաղաքին մարդիկը Յովասին ըսին. «Որդիդ դուրս հանէ, որպէս զի մեռցնենք, քանզի Բահաղին սեղանը փլցուցեր ու անոր քովի Աստարովթը կոտրեր է»։ Յովաս իր վրայ եկող բոլոր մարդոցը ըսաւ. «Միթէ Բահաղի իրաւունքը դո՞ւք պիտի պաշտպանէք, կամ թէ զանիկա դո՞ւք պիտի ազատէք. ով որ անոր իրաւունքը պաշտպանէ, թող մեռցուի մինչեւ առտու։ Եթէ անիկա աստուած է, թող ինք իր իրաւունքը պաշտպանէ անոր դէմ, իր սեղանը փլցնելուն համար»։ Եւ նոյն օրը զանիկա Յերոբաաղ անուանեց, քանզի ըսաւ. «Թող Բահաղ իր իրաւունքը պաշտպանէ անոր դէմ, իր սեղանը փլցնելուն համար»։ Եւ բոլոր Մադիանացիները, Ամաղեկացիներն ու արեւելքի բնակիչները մէկտեղ հաւաքուեցան ու Յորդանանէն անցնելով՝ Յեզրայէլի հովտին մէջ բանակեցան։ Տէրոջը Հոգին Գեդէօնին վրայ հանգչեցաւ ու անիկա փող հնչեցուց եւ Աբիեզերեանները անոր քով հաւաքուեցան։ Մանասէին պատգամաւորներ ղրկեց, ան ալ անոր քով հաւաքուեցաւ եւ Ասերին, Զաբուղոնին ու Նեփթաղիմին ալ պատգամաւորներ ղրկեց ու անոնք գացին զանոնք դիմաւորելու։ Գեդէօն Աստուծոյ ըսաւ. «Եթէ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս ազատելու ես, Ահա ես կալին մէջ բուրդի գզաթ մը կը դնեմ. եթէ միայն գզաթին վրայ ցօղ իջնէ, իսկ գետինը չոր ըլլայ, այն ատեն պիտի գիտնամ որ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս պիտի ազատես»։ Եւ այնպէս եղաւ, վասն զի առաւօտուն կանուխ ելաւ ու գզաթը քամեց։ Գզաթէն ցօղը քամեց, որ կոնք մը լեցուն ջուր եղաւ։ Այն ատեն Գեդէօն Աստուծոյ ըսաւ. «Քու բարկութիւնդ իմ վրաս չբորբոքի ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ։ Այս անգամ գզաթովը փորձեմ. հիմա միայն գզաթը թող չորնայ ու բոլոր գետնին վրայ ցօղ ըլլայ»։ Այն գիշերը Աստուած այնպէս ըրաւ։ Միայն գզաթը չոր էր, բայց բոլոր գետնին վրայ ցօղ իջած էր։ Եւ Յերոբաաղ, այսինքն Գեդէօն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը կանուխ ելան, Հարօդի աղբիւրին քով բանակեցան։ Մադիամի բանակը անոր հիւսիսային կողմը, դէպի Մօրէի բլուրը, հովիտին մէջ էր։ Տէրը ըսաւ Գեդէօնին. «Քեզի հետ եղող ժողովուրդը շատ է. չեմ ուզեր Մադիամը անոնց ձեռքը տալ, չըլլայ որ Իսրայէլ ինծի դէմ պարծենայ ու ըսէ թէ ‘Իմ ձեռքս զիս ազատեց’։ Ուստի հիմա քարոզ կարդայ, որպէս զի ժողովուրդը լսէ ու ըսէ՛՝ ‘Ով որ վատասիրտ ու երկչոտ է, թող ետ դառնայ եւ շուտով Գաղաադ լեռնէն երթայ’»։ Ժողովուրդէն քսանըերկու հազար հոգի ետ դարձան ու տասը հազար մնացին։ Եւ Տէրը ըսաւ Գեդէօնին. «Ժողովուրդը տակաւին շատ է։ Ջուրին քով իջեցուր զանոնք ու հոն զանոնք փորձեմ եւ որո՛ւ համար քեզի ըսեմ թէ ‘Ատիկա քեզի հետ թող երթայ’, անիկա քեզի հետ թող երթայ ու որո՛ւ համար քեզի ըսեմ թէ ‘Ատիկա քեզի հետ թող չերթայ’, անիկա թող չերթայ»։ Ուստի ժողովուրդը ջուրին քով իջեցուց եւ Տէրը Գեդէօնին ըսաւ. «Ով որ շունի լափելուն պէս ջուրը լեզուովը լափէ, զանիկա առանձինն կեցուր ու ով որ խմելու համար իր ծունկերուն վրայ ծռի, զանիկա ալ առանձինն կեցուր»։ Ձեռքը բերանը տանելով լափողներուն թիւը երեք հարիւր էր եւ բոլոր մնացած ժողովուրդը իրենց ծունկերուն վրայ ծռեցան ջուր խմելու համար։ Տէրը Գեդէօնին ըսաւ. «Այն երեք հարիւր մարդոցմով, որոնք ջուրը լափեցին, ձեզ պիտի ազատեմ եւ Մադիամը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ ու բոլոր մնացած ժողովուրդը, ամէն մարդ, իր տեղը թող երթայ»։ Ուստի ժողովուրդը իրենց ձեռքը պաշար առին եւ իրենց փողերն ալ։ Եւ Գեդէօն Իսրայէլի բոլոր մարդիկը, ամէն մէկը, իր վրանը ղրկեց, բայց այն երեք հարիւր մարդը իր քով պահեց։ Մադիամի բանակը հովիտին մէջն էր։ Նոյն գիշերը Տէրը անոր ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր ու ասկէ բանակը իջի՛ր, քանզի զանիկա քու ձեռքդ մատնեցի։ Եթէ դուն իջնելու կը վախնաս, նախ դուն քու ծառայիդ Փուրային հետ բանակը իջիր Եւ լսէ թէ անոնք ի՞նչ կը խօսին, անկէ յետոյ քու ձեռքերդ պիտի ուժովնան, որպէս զի բանակին դէմ իջնես։ Ուստի ինք եւ իր ծառան Փուրա բանակին մէջի գունդերուն ծայրը իջան։ Մադիամ եւ Ամաղէկ ու բոլոր արեւելքցիները մարախներու պէս բազմութեամբ հովիտին մէջ պառկեր էին եւ անոնց ուղտերը անթիւ էին ու ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Գեդէօն հոն երթալով՝ լսեց որ մարդ մը իր ընկերին երազ կը պատմէր ու կ’ըսէր. «Ես երազ մը տեսայ։ Գարեղէն հաց մը դէպի Մադիամի բանակը կը գլորուէր, վրանին հասնելով անոր զարկաւ, ձգեց ու գլխիվար դարձուց եւ վրանը ինկաւ»։ Անոր ընկերը պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. «Ատիկա ուրիշ բան չէ, բայց միայն Իսրայելացի Յովասի որդիին Գեդէօնին սուրը։ Աստուած Մադիամն ու բոլոր բանակը անոր ձեռքը մատներ է»։ Երբ Գեդէօն երազին պատմութիւնն ու անոր մեկնութիւնը լսեց, Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ եւ Իսրայէլի բանակը դարձաւ ու ըսաւ. «Ոտքի ելէ՛ք, քանզի Տէրը Մադիամի բանակը ձեր ձեռքը տուեր է»։ Այն երեք հարիւր մարդը երեք գունդի բաժնելով, ամենուն ձեռքը փողեր ու պարապ սափորներ տուաւ եւ սափորներուն մէջ ալ ջահեր դրաւ Ու անոնց ըսաւ. «Ինծի նայեցէ՛ք եւ այնպէս ըրէ՛ք ու երբ բանակին եզերքը հասնիմ, ես ի՛նչպէս որ ընեմ, դուք ալ այնպէս ըրէք։ Երբ ես ու բոլոր ինծի հետ եղողները փողը հնչեցնենք, այն ատեն դուք ալ բոլոր բանակին չորս կողմը փողերը հնչեցուցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. ‘Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը ’»։ Գեդէօն ու անոր հետ եղող հարիւր մարդը ճիշդ կէս գիշերին, երբ պահապանները նոր դրած էին, բանակին եզերքը հասան եւ փողերը հնչեցնելով ձեռքերնուն մէջ եղած սափորները կոտրտեցին։ Այն ատեն երեք գունդն ալ փողերը հնչեցուցին ու սափորները կոտրտեցին ու ձախ ձեռքով ջահերը ու աջ ձեռքով փողերը բռնած էին եւ հնչեցնելով կը պոռային ու կ’ըսէին. «Տէրոջը ու Գեդէօնին սուրը»։ Ամէն մարդ բանակին բոլորտիքը իր տեղը կայներ էր ու բոլոր բանակը վազելով եւ աղաղակելով կը փախչէին։ Երբ այն երեք հարիւր մարդիկը իրենց փողերը հնչեցուցին, Տէրը բոլոր բանակին մէջ գտնուող ամէն մարդու սուրը իր ընկերին վրայ դարձուց եւ զօրքը մինչեւ Բեթասետա դէպի Սարերա ու մինչեւ Աբէլմաուլայի սահմանը եւ Տաբէթ փախաւ։ Իսրայելացիները Նեփթաղիմէն, Ասերէն եւ բոլոր Մանասէէն հաւաքուեցան ու Մադիանացիներուն ետեւէն ինկան։ Գեդէօն Եփրեմի բոլոր լեռնակողմը պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Մադիանացիները դիմաւորելու իջէք եւ անոնց առջեւէն ջուրերը բռնեցէ՛ք մինչեւ Բեթբարա, նաեւ Յորդանանը»։ Ուստի Եփրեմի բոլոր մարդիկը հաւաքուեցան ու ջուրերը բռնեցին մինչեւ Բեթբարա, նաեւ Յորդանանը։ Եւ Մադիամի երկու իշխանները, Օրէբն ու Զէբը բռնեցին։ Օրէբը՝ Օրէբի վէմին քով մեռցուցին ու Զէբը՝ Զէբի հնձանին քով մեռցուցին։ Եւ Մադիանացիները հալածեցին ու Օրէբի եւ Զէբի գլուխները Գեդէօնին բերին Յորդանանի անդիի կողմէն։ Եփրեմեանները Գեդէօնին ըսին. «Ի՞նչպէս, ինչո՞ւ Մադիամի դէմ պատերազմելու գացիր եւ մեզ չկանչեցիր»։ Անոր հետ սաստիկ վէճ ըրին։ Եւ անիկա անոնց ըսաւ. «Ես ի՞նչ ըրի ձեզի։ Եփրեմին ճռաքաղութիւնը Աբիեզերին այգեկութէն լաւագոյն չէ՞ արդեօք։ Աստուած Մադիամի իշխանները՝ Օրէբն ու Զէբը՝ ձեր ձեռքը տուաւ. ես ձեզի ի՞նչ կրցայ ընել»։ Երբ այս խօսքը ըսաւ՝ անոնց սիրտը հանդարտեցաւ։ Գեդէօն Յորդանան եկաւ ու ինք եւ իրեն հետ եղող երեք հարիւր մարդիկը անցան. թէպէտեւ նուաղած էին, բայց թշնամին կը հալածէին։ Սոկքովթի մարդոցը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛ք, ետեւէս եկող ժողովուրդին հացի նկանակներ տուէ՛ք, քանզի նուաղած են ու ես Մադիամի թագաւորներուն՝ Զեբէէի ու Սաղմանայի՝ ետեւէն ինկեր կը հալածեմ»։ Բայց Սոկքովթի իշխանները ըսին. «Միթէ Զեբէէն ու Սաղմանան արդէն քու ձեռքիդ մէ՞ջ են, որ մենք քու զօրքիդ հաց տանք»։ Ու Գեդէօն ըսաւ. «Ուրեմն, երբ Տէրը Զեբէէն ու Սաղմանան ձեռքս տայ, ձեր մարմինները անապատին փուշերովն ու տատասկներովը պիտի ծեծեմ»։ Անկէ Փանուէլ ելաւ ու անոնց ալ նոյնը ըսաւ. Փանուէլի մարդիկն ալ Սոկքովթի մարդոց տուած պատասխանին պէս պատասխան տուին։ Ան Փանուէլի մարդոցն ալ ըսաւ. «Երբ խաղաղութեամբ դառնամ, այդ աշտարակը պիտի փլցնեմ»։ Եւ Զեբէէն ու Սաղմանան եւ անոնց հետ իրենց բանակն ու արեւելքի բնակիչներուն բոլոր բանակէն մնացած զօրքը, ամէնքը տասնըհինգ հազարի չափ մարդ, Կարկարի մէջ էին, իսկ ինկած մեռածները հարիւր քսան հազար սուսերամերկ մարդիկ էին։ Գեդէօն Նոբահին ու Յօգբէհային արեւելեան կողմէն վրանաբնակներուն ճամբովը ելաւ ու բանակը զարկաւ, քանզի բանակը անհոգ կը կենար։ Եւ Զեբէէն ու Սաղմանան փախան ու Գեդէօն անոնց ետեւէն իյնալով, Մադիամի երկու թագաւորները՝ Զեբէէն ու Սաղմանան՝ բռնեց ու բոլոր բանակը տակնուվրայ ըրաւ։ Յովասին որդին Գեդէօն արեւը չելած՝ ՝ պատերազմէն ետ դարձաւ Ու Սոկքովթի մարդոցմէն երիտասարդ մը բռնեց եւ զայն հարցուփորձեց ու անիկա Սոկքովթի իշխաններէն ու ծերերէն, եօթանասունըեօթը մարդու անուն գրեց տուաւ անոր։ Եւ Գեդէօն Սոկքովթի բնակիչներուն եկաւ ու ըսաւ. «Ահա Զեբէէն ու Սաղմանան, որոնց համար զիս նախատեցիք ու ըսիք. ‘Միթէ Զեբէէն ու Սաղմանան արդէն քու ձեռքիդ մէջ ե՞ն, որ մենք քու նուաղած մարդոցդ հաց տանք’»։ Ուստի քաղաքին ծերերը առաւ եւ անապատէն փուշեր ու տատասկներ քաղեց եւ անոնցմով Սոկքովթի մարդիկը պատժեց։ Ու Փանուէլի աշտարակը փլցուց եւ քաղաքին մարդիկը կոտորեց։ Զաբէէին ու Սաղմանային ըսաւ. «Թաբօրի մէջ մեռցուցած մարդիկնիդ ի՞նչպէս մարդիկ էին»։ Անոնք ըսին. «Ինչպէս որ դուն ես, անոնք ալ այնպէս էին. ամէն մէկը թագաւորի տղու կը նմանէր»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Անոնք իմ եղբայրներս, մօրս տղաքներն էին։ Կենդանի է Տէրը, եթէ դուք զանոնք ողջ թողէիք, ես ձեզ չէի մեռցներ»։ Ու իր անդրանիկ տղուն Յեթերին ըսաւ. «Ելի՛ր, ասոնք մեռցուր»։ Բայց պատանին իր սուրը չքաշեց. քանզի մանկահասակ ըլլալով վախցաւ։ Ուստի Զեբէէն ու Սաղմանան ըսին. «Դուն ելի՛ր ու մեզ սպաննէ, քանզի մարդուս ոյժը իր հասակին համեմատ կ’ըլլայ»։ Գեդէօն ոտքի ելաւ ու Զեբէէն եւ Սաղմանան մեռցուց եւ անոնց ուղտերուն պարանոցին վրայ եղած մահիկները առաւ։ Իսրայէլի մարդիկը Գեդէօնին ըսին. «Մեր վրայ թագաւորէ դուն ու քու որդիդ եւ քու թոռդ, որովհետեւ մեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեցիր»։ Բայց Գեդէօն անոնց ըսաւ. «Ես ձեր վրայ չեմ թագաւորեր, ո՛չ ալ իմ որդիս ձեր վրայ պիտի թագաւորէ, ձեր թագաւորը Տէրը թող ըլլայ»։ Ապա Գեդէօն անոնց ըսաւ. «Ձեզմէ բան մը պիտի խնդրեմ։ Ամէն մարդ իր աւարին օղերը թող ինծի տայ»։ (Քանզի անոնք Իսմայելացի ըլլալով ոսկի օղեր ունէին։) Ու անոնք ըսին. «Բոլոր սրտով կու տանք»։ Ուստի լաթ մը փռեցին ու ամէն մարդ իր աւարին օղերը հոն ձգեց։ Հաւաքուած ոսկի օղերուն կշիռքը հազար եօթը հարիւր սիկղ ոսկի եղաւ, մահիկներէն, գինտերէն ու Մադիամի թագաւորներուն վրայի ծիրանի պատմուճաններէն եւ անոնց ուղտերուն պարանոցին վրայ եղած մանեակներէն զատ։ Ու Գեդէօն անոնցմով եփուտ մը շինեց եւ իր Եփրա քաղաքին մէջ դրաւ ու բոլոր Իսրայէլ հոն անոր ետեւէն երթալով պոռնկացաւ։ Ատիկա Գեդէօնին ու անոր տանը որոգայթ եղաւ։ Այսպէս Մադիամ Իսրայէլի որդիներէն նուաճուեցաւ եւ այնուհետեւ չկրցաւ գլուխ վերցնել։ Ու Գեդէօնին ժամանակ երկիրը քառասուն տարի խաղաղեցաւ։ Յովասին որդին՝ Յերոբաաղ՝ գնաց ու իր տանը մէջ նստաւ։ Եւ Գեդէօն եօթանասուն տղայ ունէր իր երանքէն ելած, քանզի շատ կիներ ունէր։ Սիւքէմի մէջ ունեցած հարճն ալ անոր տղայ մը ծնաւ, որուն անունը Աբիմելէք դրաւ։ Յովասին որդին Գեդէօն բարի ծերութեամբ մեռաւ եւ Աբիեզերեաններու Եփրային մէջ իր հօրը Յովասին գերեզմանը թաղուեցաւ։ Գեդէօն մեռածին պէս՝ Իսրայէլի որդիները դարձան ու Բահաղիմի ետեւէն երթալով պոռնկացան ու Բահաղ-Բերիթը իրենց աստուած ըրին։ Իսրայէլի որդիները չյիշեցին իրենց Տէր Աստուածը, որ զիրենք ազատեր էր իրենց շուրջի բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն։ Յերոբաաղի (այսինքն Գեդէօնի) տանը, անոր Իսրայէլին ըրած բոլոր բարութեանը համեմատ, երախտագիտութիւն չցուցուցին։ Յերոբաաղի որդին Աբիմելէք Սիւքէմ գնաց իր մօրն ու եղբայրներուն քով եւ անոնց հետ ու իր մօրը ազգատոհմին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ՛ք, Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն ականջներուն ըսէ՛ք՝ ‘Ձեզի ո՞րը աղէկ է. Յերոբաաղի բոլոր որդիներուն՝ եօթանասուն մարդոց՝ ձեր վրայ թագաւորե՞լը, թէ մէկ մարդու ձեր վրայ թագաւորելը’։ Մտքերնիդ բերէք, թէ՝ ես ձեր ոսկորն ու ձեր մարմինն եմ»։ Ուստի իր մօրը եղբայրները այս խօսքը Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն ականջներուն ըսին ու անոնց սիրտը Աբիմելէքին կողմը դարձաւ, քանզի ըսին թէ՝ ‘Անիկա մեր եղբայրն է’։ Եւ Բահաղ-Բերիթի տունէն եօթանասուն կտոր արծաթ տուին անոր ու Աբիմելէք անոնցմով դատարկապորտ ու սրիկայ մարդիկ վարձքով բռնեց, որոնք իր ետեւէն գացին։ Եփրայի մէջ իր հօրը տունը մտաւ եւ իր եղբայրները, Յերոբաաղի որդիները, եօթանասուն հոգի, մէկ քարի վրայ սպանեց. բայց Յերոբաաղի պզտիկ տղան՝ Յովաթամը՝ պահուելով ողջ մնաց։ Ետքը բոլոր Սիւքէմի բնակիչները եւ Մելօնի բոլոր տունը մէկտեղ հաւաքուեցան ու գացին Սիւքէմի մէջ պահապաններու կաղնիին քով Աբիմելէքը թագաւոր ըրին։ Ու երբ այս բանը Յովաթամին իմացուցին, անիկա գնաց Գարիզին լերանը գլուխը կայնեցաւ եւ ձայնը վերցնելով պոռաց ու անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սիւքէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէ՛ք եւ Աստուած ձեզի մտիկ պիտի ընէ։ Ծառերը գացին, որ իրենց համար թագաւոր մը օծեն ու ձիթենիին ըսին՝ ‘Մեր վրայ թագաւոր եղիր’։ Բայց ձիթենին անոնց ըսաւ. ‘Իմ պարարտութիւնս թողում, որ ինծմով Աստուած ու մարդիկը կը պատուեն՝ ՝ ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ՝ ՝։ Եւ ծառերը թզենիին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։ Եւ թզենին անոնց ըսաւ. ‘Իմ քաղցրութիւնս ու աղէկ պտուղս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ’։ Այն ատեն ծառերը որթատունկին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։ Որթատունկն ալ ըսաւ. ‘Աստուած ու մարդիկը ուրախացնող գինիս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ’։ Այն ատեն բոլոր ծառերը դժնիկին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։ Դժնիկը ծառերուն ըսաւ.’Եթէ դուք իրաւցընէ զիս ձեր վրայ թագաւոր կ’օծէք, եկէք իմ հովանիիս տակ նստեցէք, եթէ ոչ դժնիկէն կրակ թող ելլէ ու Լիբանանի եղեւինները այրէ’։ Եթէ դուք Աբիմելէքը թագաւոր ընելով ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ վարուեցաք եւ եթէ Յերոբաաղի ու անոր տանը բարութիւն ըրիք եւ եթէ անոր գործերուն համեմատ անոր հատուցում ըրիք. (Քանզի իմ հայրս ձեզի համար պատերազմ ըրաւ ու իր անձը վտանգի մէջ դրաւ՝ ՝ եւ ձեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեց. Իսկ դուք այսօր իմ հօրս տանը դէմ ելաք ու անոր որդիները՝ եօթանասուն մարդ՝ մէկ քարի վրայ սպաննեցիք ու անոր աղախինին տղան Աբիմելէքը, ձեր եղբայրը ըլլալուն համար, Սիւքէմին բնակիչներուն վրայ թագաւոր ըրիք.) Ուստի եթէ այսօր Յերոբաաղին ու անոր տանը հետ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ վարուեցաք, Աբիմելէքին վրայ ուրախացէ՛ք, ան ալ ձեր վրայ թող ուրախանայ. Ապա թէ ոչ՝ թող Աբիմելէքէն կրակ ելլէ եւ Սիւքէմին բնակիչներն ու Մելօնին տունը այրէ եւ Սիւքէմին բնակիչներէն ու Մելօնին տունէն կրակ ելլէ եւ Աբիմելէքը այրէ»։ Ետքը Յովաթամ փախաւ ազատեցաւ ու Բէեր գնաց եւ իր Աբիմելէք եղբօրմէն վախնալուն համար հոն բնակեցաւ։ Աբիմելէք Իսրայէլի վրայ երեք տարի թագաւորեց։ Աստուած Աբիմելէքին եւ Սիւքէմին բնակիչներուն մէջ չար ոգի մը ղրկեց ու Սիւքէմին բնակիչները Աբիմելէքին հետ նենգութեամբ վարուեցան. Որպէս զի Յերոբաաղին եօթանասուն որդիներուն եղած անիրաւութիւնը գայ եւ անոնց թափուած արիւնը անոնց եղբօրը Աբիմելէքին վրայ հասնի, որ զանոնք սպաններ էր ու Սիւքէմին բնակիչներուն վրայ, որոնք անոր ձեռքերը ուժովցուցեր էին իր եղբայրները սպաննելու։ Ուստի Սիւքէմին բնակիչները լեռներուն գլուխները անոր դարաններ պատրաստեցին եւ ճամբան իրենց քովէն բոլոր անցնողները կը թալլէին։ Այս բանը Աբիմելէքին իմացուցին։ Եւ Աբեդին որդին Գաաղն ու անոր եղբայրները եկան, Սիւքէմի մէջ մտան եւ Սիւքէմին բնակիչները անոր ապաւինեցան Ու դաշտը ելլելով իրենց այգիներուն խաղողները քաղեցին եւ կոխելով ուրախութիւն ըրին ու իրենց աստուծոյն տունը մտնելով կերան ու խմեցին եւ Աբիմելէքը անիծեցին։ Ու Աբեդեան Գաաղը ըսաւ. «Աբիմելէքը ո՞վ է եւ Սիւքէմը ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայ ըլլանք։ Անիկա Յերոբաաղին տղան չէ՞ ու Զեբուղ անոր փոխանորդը չէ՞ ։ Սիւքէմին հօրը Եմովրին մարդոցը ծառաները։ Մենք ինչո՞ւ համար անոր պիտի ծառայենք։ Երանի՜ թէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքիս տակ անցնէր ու ես Աբիմելէքը վերցնէի եւ Աբիմելէքին ըսաւ. ‘Զօրքերդ շատցուր ու ելիր’։ Եւ քաղաքին իշխանը Զեբուղ, երբ Աբեդեան Գաաղին խօսքերը լսեց, խիստ բարկացաւ Եւ ծածուկ կերպով մը Աբիմելէքին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Ահա Աբեդեան Գաաղն ու իր եղբայրները Սիւքէմ կու գան։ Անոնք քեզի դէմ քաղաքը ոտքի պիտի հանեն։ Ուստի դուն գիշերով ելի՛ր ու դաշտը դարանի մէջ նստէ՛ քեզի հետ եղող ժողովուրդով։ Առաւօտուն արեւը ծագածին պէս կանուխ ելի՛ր ու եկուր քաղաքին վրայ յարձակէ՛, քանզի անիկա ու անոր հետ եղող ժողովուրդը քեզի դէմ պիտի ելլեն, ուստի ձեռքէդ եկածը ըրէ՛ անոնց»։ Ուստի Աբիմելէք եւ անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը գիշերով ելան ու չորս գունդի բաժնուելով ՝ Սիւքէմին դէմ դարանի մէջ նստան։ Աբեդեան Գաաղը ելաւ ու քաղաքին դրանը առջեւ կայնեցաւ եւ Աբիմելէք իրեն հետ եղող ժողովուրդով դարաններէն դուրս ելաւ։ Գաաղ այն ժողովուրդը տեսնելով Զեբուղին ըսաւ. «Ահա լեռներուն գլխէն ժողովուրդ կ’իջնէ»։ Զեբուղ անոր ըսաւ. «Լեռներուն շուքը քեզի մարդոց պէս կ’երեւնայ»։ Գաաղ դարձեալ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ահա երկրին բարձր տեղերէն՝ ՝ ժողովուրդ կ’իջնէ եւ գունդ մըն ալ Մէօնէնիմին կաղնիին ճամբով կու գայ»։ Ու Զեբուղ անոր ըսաւ. «Ո՞ւր է այն քու բերանդ, որով կ’ըսէիր թէ ‘Աբիմելէք ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայութիւն ընենք’։ Քու վար զարկած ժողովուրդդ ատիկա չէ՞. հիմա ելի՛ր ու անոր հետ պատերազմ ըրէ՛»։ Ուստի Գաաղ Սիւքէմի բնակիչներուն առջեւէն ելելով՝ Աբիմելէքին հետ պատերազմ ըրաւ։ Աբիմելէք զանիկա հալածեց ու անիկա անոր առջեւէն փախաւ ու մինչեւ դրանը առջեւ շատերը մեռած ինկան։ Աբիմելէք Արումայի մէջ նստաւ ու Զեբուղ Գաաղը եւ անոր եղբայրները վռնտեց, որպէս զի ա՛լ Սիւքէմի մէջ չբնակին։ Հետեւեալ օրը ժողովուրդը դաշտը ելաւ ու երբ Աբիմելէք իմացաւ, Իր ժողովուրդը առաւ, երեք գունդի բաժնեց եւ դաշտին մէջ դարանամուտ եղաւ ու երբ տեսաւ որ ժողովուրդը քաղաքէն դուրս կ’ելլէ, անոնց վրայ յարձակելով զանոնք զարկաւ։ Աբիմելէք ու անոր հետ եղող գունդը յարձակելով քաղաքին դրանը առջեւ կայնեցան ու երկու գունդերը բոլոր դաշտին մէջ եղողներուն վրայ յարձակելով զանոնք զարկին։ Աբիմելէք այն բոլոր օրը քաղաքին հետ պատերազմեցաւ ու քաղաքը առաւ եւ մէջը եղող մարդիկը կոտորեց ու քաղաքը փլցուց եւ հոն աղ ցանեց։ Սիւքէմին աշտարակին բոլոր բնակիչները երբ այս բանը լսեցին, Բերիթ աստուծոյն տանը բերդը մտան։ Աբիմելէքին իմացուցին թէ Սիւքէմին աշտարակին բոլոր բնակիչները հաւաքուեր են։ Այն ատեն Աբիմելէք իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդով Սելմօն լեռը ելաւ։ Աբիմելէք տապարը ձեռքը առնելով ծառի ճիւղ մը կտրեց ու զանիկա վերցուց իր ուսին վրայ դրաւ եւ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա տեսաք ինչ որ ես ըրի, շուտով դուք ալ ինծի պէս ըրէք»։ Ուստի բոլոր ժողովուրդը մէկմէկ ճիւղ կտրեցին ու Աբիմելէքին ետեւէն գացին։ Ճիւղերը բերդին քով դրին ու անոնցմով բերդը կրակով այրեցին։ Այսպէս, Սիւքէմի աշտարակին բոլոր մարդիկը, որոնք հազարի չափ այր ու կին էին, մեռան։ Ապա Աբիմելէք Թեբէս գնաց ու Թեբէսը պաշարեց ու զանիկա առաւ։ Քաղաքին մէջտեղը ամուր աշտարակ մը կար։ Քաղաքին բոլոր բնակիչները, թէ՛ այր եւ թէ՛ կին հոն փախան, դուռը ներսէն գոցեցին ու աշտարակին տանիքը ելան։ Աբիմելէք մինչեւ աշտարակը գնաց ու անոր դէմ պատերազմեցաւ եւ աշտարակին դրանը մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա կրակով այրէ։ Կին մը Աբիմելէքին գլխուն վրայ երկանաքարի կտոր մը նետեց եւ անոր գանկը կոտրեց։ Աբիմելէք իր զէնքերը կրող երիտասարդը կանչեց եւ անոր ըսաւ. «Սուրդ քաշէ ու զիս մեռցուր, որպէս զի ինծի համար չըսեն թէ ‘Զանիկա կին մը մեռցուց’։ Երիտասարդը զանիկա սրով խոցեց ու մեռցուց։ Իսրայէլի մարդիկը Աբիմելէքին մեռնիլը տեսնելով՝ ամէն մարդ իր տունը գնաց։ Այսպէս Աստուած Աբիմելէքին հատուցանեց այն չարութիւնը, որ անիկա իր հօրը ըրեր էր իր եօթանասուն եղբայրները սպաննելով։ Եւ Սիւքէմի մարդոց բոլոր չարութիւնը Աստուած անոնց հատուցանեց ու Յերոբաաղի որդիին Յովաթամին անէծքը անոնց վրայ եկաւ։ Աբիմելէքէն յետոյ Իսաքարեան Դովդայի որդիին Փուայի որդին Թովղա ելաւ Իսրայէլը ազատելու համար։ Անիկա Եփրեմին լեռը Սամիրի մէջ կը բնակէր։ Իսրայէլի մէջ քսանըերեք տարի դատաւորութիւն ըրաւ ու մեռաւ եւ Սամիրի մէջ թաղուեցաւ։ Անկէ յետոյ Գաղաադացի Յայիր ելաւ եւ Իսրայէլի մէջ քսանըերկու տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա երեսուն որդի ունէր, որոնք երեսուն աւանակի վրայ կը հեծնէին եւ անոնք Գաղաադի երկրին մէջ երեսուն քաղաք ունէին, որոնք մինչեւ այսօր Յայիրի գիւղաքաղաքները կը կոչուին։ Յայիր մեռաւ ու Կամօնի մէջ թաղուեցաւ։ Եւ Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Բահաղիմը եւ Աստարովթը ու Ասորիներու աստուածները եւ Սիդոնի աստուածները ու Մովաբի աստուածները եւ Ամմոնի որդիներուն աստուածները ու Փղշտացիներու աստուածները պաշտեցին եւ Տէրը թողուցին ու անոր ծառայութիւն չըրին։ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք Փղշտացիներուն ձեռքն ու Ամմոնի որդիներուն ձեռքը մատնեց։ Անոնք տասնըութը տարի Իսրայէլին որդիները նեղեցին ու հարստահարեցին, այսինքն բոլոր Իսրայէլի որդիները, որոնք Յորդանանի անդիի կողմը, Գաղաադի մէջ, Ամօրհացիներուն երկրին մէջ կը բնակէին ։ Նաեւ Ամմոնի որդիները Յորդանանէն անցան, որպէս զի Յուդային հետ, Բենիամինի հետ ու Եփրեմին տանը հետ ալ պատերազմին։ Իսրայէլ խիստ մեծ նեղութեան մէջ էր։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը աղաղակեցին ու ըսին. «Քեզի դէմ մեղք գործեցինք, քանզի մեր Աստուածը թողուցինք ու Բահաղիմը պաշտեցինք»։ Եւ Տէրը Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Չէ՞ որ ձեզ ազատեցի Եգիպտացիներէն, Ամօրհացիներէն, Ամմոնի որդիներէն ու Փղշտացիներէն. Նաեւ երբ Սիդոնացիները, Ամաղեկացիներն ու Մաոնացիները ձեզ նեղեցին ու դուք ինծի աղաղակեցիք, ես ձեզ անոնց ձեռքէն ազատեցի։ Բայց դուք զիս թողուցիք եւ ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ըրիք. անոր համար ես անգամ մըն ալ ձեզ պիտի չազատեմ։ Գացէ՛ք ձեր ընտրած աստուածներուն աղաղակեցէք. ձեր նեղութեանը ատեն թող անոնք ձեզ ազատեն»։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը ըսին. «Մեղք գործեցինք. քու աչքիդ առջեւ ինչ որ հաճելի է, ըրէ մեզի. բայց միայն կ’աղաչենք, ազատէ մեզ այսօր»։ Ուստի իրենց մէջէն օտար աստուածները վերցուցին ու Տէրոջը ծառայութիւն ըրին եւ Անոր սիրտը վշտացաւ Իսրայէլի նեղութեանը համար։ Ամմոնի որդիները հաւաքուեցան ու Գաղաադի մէջ բանակեցան։ Իսրայէլի որդիներն ալ հաւաքուեցան ու Մասփայի մէջ բանակեցան։ Ժողովուրդն ու Գաղաադի իշխանները իրարու ըսին. «Ով որ Ամմոնի որդիներուն հետ պատերազմ ընելու սկսի, անիկա Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն գլուխը թող ըլլայ»։ Գաղաադացի Յեփթայէն զօրաւոր ու կտրիճ մարդ մըն էր, բայց անիկա պոռնիկ կնոջ մը զաւակն էր։ Գաղաադ Յեփթայէին հայրն էր։ Գաղաադին կինը անոր զաւակներ ծնաւ ու երբ կնոջը զաւակները մեծցան, Յեփթայէն վռնտեցին ու անոր ըսին. «Դուն մեր հօրը տանը մէջ ժառանգութիւն պիտի չունենաս, քանզի դուն օտար կնոջ մը զաւակն ես»։ Ու Յեփթայէն իր եղբայրներուն երեսէն փախչելով՝ Տովբի երկրին մէջ բնակեցաւ։ Յեփթայէին քով սրիկայ մարդիկ հաւաքուեցան ու անոր հետ կը պտըտէին։ Ատեն մը ետքը Ամմոնին որդիները Իսրայէլին հետ պատերազմ ըրին։ Երբ Ամմոնին որդիները Իսրայէլին հետ կը պատերազմէին, Գաղաադի ծերերը գացին որ Յեփթայէն Տովբի երկրէն բերեն։ Եւ Յեփթայէին ըսին. «Եկո՛ւր, մեզի զօրագլուխ եղիր, որպէս զի Ամմոնին որդիներուն հետ պատերազմինք»։ Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն ըսաւ. «Դուք զիս ատեցիք եւ իմ հօրս տունէն զիս վռնտեցիք ու հիմա որ նեղութեան մէջ էք, ինչո՞ւ համար ինծի եկաք»։ Գաղաադի ծերերը Յեփթայէին ըսին. «Անոր համար հիմա քեզի դիմեցինք, որ մեզի հետ երթաս ու Ամմոնին որդիներուն դէմ պատերազմիս եւ մեր՝ Գաղաադի բոլոր բնակիչներուն՝ գլուխ ըլլաս»։ Ու Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն ըսաւ. «Եթէ դուք զիս տանիք Ամմոնին որդիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար ու Տէրը զանոնք իմ ձեռքս մատնէ, այն ատեն ես ձեզի գլուխ ըլլա՞մ»։ Գաղաադի ծերերը Յեփթայէին ըսին. «Տէրը մեր մէջ վկայ թող ըլլայ, որ ըսածիդ պէս պիտի ընենք»։ Յեփթայէն Գաղաադի ծերերուն հետ գնաց։ Ժողովուրդը զանիկա իրենց վրայ գլուխ ու զօրապետ դրին։ Յեփթայէն Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ իր բոլոր խօսքերը ըսաւ։ Յեփթայէն Ամմոնին որդիներուն թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, որ ինծի եկար իմ երկրիս մէջ պատերազմ ընելու համար»։ Եւ Ամմոնին որդիներուն թագաւորը Յեփթայէին պատգամաւորներուն ըսաւ. «Որովհետեւ Իսրայէլ Եգիպտոսէն ելած ատենը Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ ու մինչեւ Յորդանան իմ երկիրս առաւ։ Հիմա զանիկա խաղաղութեամբ ետ դարձուր»։ Ու Յեփթայէն Ամմոնին որդիներուն թագաւորին նորէն պատգամաւորներ ղրկեց Եւ անոր ըսաւ. «Յեփթայէն այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլ Մովաբին երկիրն ու Ամմոնին որդիներուն երկիրը չառաւ. Քանզի Եգիպտոսէն ելած ատենը Իսրայէլ մինչեւ Կարմիր ծովը անապատէն գնաց ու Կադէս եկաւ Եւ Իսրայէլ Եդովմին թագաւորին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ, քու երկրէդ անցնիմ», բայց Եդովմի թագաւորը մտիկ չըրաւ։ Նոյնպէս ալ Մովաբին թագաւորին ղրկեց, ան ալ թող չտուաւ։ Իսրայէլ Կադէսի մէջ մնաց Եւ անապատին մէջէն գնաց ու Եդովմին երկրին ու Մովաբին երկրին բոլորտիքը պտըտեցաւ։ Մովաբին երկրին արեւելեան կողմէն երթալով Առնոնին անդիի կողմը բանակեցաւ, բայց Մովաբին սահմանին մէջ չմտաւ. քանզի Մովաբին սահմանը Առնոնն էր»։ Ու Իսրայէլ դեսպաններ ղրկեց Ամօրհացիններուն Սեհոն թագաւորին, (որ Եսեբոնի թագաւորն էր,) եւ Իսրայէլ անոր ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու երկրէդ անցնիմ, որպէս զի իմ տեղս երթամ»։ Բայց Սեհոն Իսրայէլին հրաման չտուաւ՝ ՝, որ իր սահմանէն անցնի ու Սեհոն իր բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց եւ Յասսայի մէջ բանակեցան ու Իսրայէլի դէմ պատերազմեցան։ Իսրայէլին Տէր Աստուածը Սեհոնն ու անոր բոլոր ժողովուրդը Իսրայէլին ձեռքը մատնեց, որոնք զանոնք զարկին։ Իսրայէլ այն երկրին մէջ բնակող Ամօրհացիներուն բոլոր երկիրը առաւ։ Իսրայէլ Ամօրհացիներուն բոլոր սահմանը, Առնոնէն մինչեւ Յաբոկ ու անապատէն մինչեւ Յորդանան ժառանգեց։ Ուստի հիմա որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Ամօրհացիները իր Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւէն վռնտեր է, դո՞ւն պիտի ժառանգես այն երկիրը ։ Քու աստուծոյդ Քամովսին քեզի ժառանգութիւն տուածը դուն չե՞ս ժառանգեր. մենք ալ մեր Եհովա Աստուծոյն մեր առջեւէն վռնտած ազգերուն երկիրը կը ժառանգենք։ Եւ հիմա դուն Մովաբի թագաւորէն, Սեպփօրեան Բաղակէն, աւելի՞ զօրաւոր ես. միթէ անիկա Իսրայէլին հետ կռուեցա՞ւ, կամ անոնց հետ պատերազմ ըրա՞ւ։ Իսրայէլ Եսեբոնին ու անոր գիւղերուն մէջ, Արոէրին ու անոր գիւղերուն մէջ եւ Առնոնին եզերքին վրայ եղող բոլոր քաղաքներուն մէջ երեք հարիւր տարի է, որ կը բնակի։ Ինչո՞ւ համար զանոնք այնքան ատենի մէջ չազատեցիք։ Ուստի ես քեզի դէմ յանցանք մը չեմ ըրած եւ դուն ինծի հետ պատերազմ ընելով ինծի չարութիւն կ’ընես։ Այսօր Իսրայէլի որդիներուն ու Ամմոնի որդիներուն մէջ Դատաւոր եղող Տէրը թող դատաստան ընէ»։ Բայց Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Յեփթայէին խօսքերուն մտիկ չըրաւ։ Այն ատեն Յեփթայէին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ու անիկա Գաղաադէն ու Մանասէէն անցաւ ու Գաղաադի Մասփայէն Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց։ Յեփթայէն Տէրոջը ուխտ ըրաւ ու ըսաւ. «Եթէ Ամմոնին որդիները բոլորովին իմ ձեռքս մատնես Ու Ամմոնի որդիներէն խաղաղութեամբ ետ դառնամ, այն ատեն իմ տանս դռնէն զիս դիմաւորելու ելլողը Տէրոջը թող ըլլայ ու զանիկա ողջակէզ պիտի մատուցանեմ»։ Յեփթայէ Ամմոնի որդիներուն վրայ գնաց որպէս զի անոնց հետ պատերազմի։ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց զանոնք։ Արոէրէն մինչեւ Մեննիթ քսան քաղաք ու մինչեւ Աբէլքերամիմ սաստիկ կոտորածով ջարդեց զանոնք ու Ամմոնին որդիները Իսրայէլին որդիներուն առջեւ նուաճուեցան։ Յեփթայէն Մասփա իր տունը եկաւ ու ահա անոր աղջիկը թմբուկներով եւ պար բռնելով զանիկա դիմաւորելու ելաւ։ Անիկա անոր մէկ հատիկ զաւակն էր ու անկէ զատ տղայ կամ աղջիկ չունէր։ Յեփթայէն, երբ զանիկա տեսաւ, իր լաթերը պատռեց ու ըսաւ. «Ո՜հ, աղջի՛կս, դուն զիս բոլորովին նկուն ըրիր եւ դուն ինծի իմ նեղիչներէս մէկը եղար. քանզի ես բերանս բացի Տէրոջը ու չեմ կրնար ետ դարձնել»։ Աղջիկը անոր ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, եթէ բերանդ Տէրոջը բացիր, բերնէդ ելածը ըրէ ինծի. քանզի Տէրը քու թշնամիներէդ, Ամմոնին որդիներէն, քեզի համար վրէժխնդրութիւն ըրաւ»։ Եւ իր հօրը ըսաւ. «Միայն այս բանն ըրէ ինծի։ Զիս երկու ամիս թող տուր, որպէս զի լեռներուն վրայ ելլեմ ու իջնեմ ու ես իմ ընկերներովս իմ կուսութեանս վրայ լամ»։ Հայրը ըսաւ. «Գնա՛»։ Զանիկա երկու ամիս թող տուաւ եւ անիկա իր ընկերներով գնաց ու լեռներուն վրայ իր կուսութիւնը լացաւ։ Երկու ամիսը լմննալէն յետոյ իր հօրը դարձաւ ու անիկա իր ըրած ուխտը կատարեց։ Անիկա այր մարդ չճանչցաւ։ Ու Իսրայէլի մէջ սովորութիւն եղաւ, որ ատեն ատեն Իսրայէլին աղջիկները երթան ու Գաղաադացի Յեփթայէին աղջկանը համար տարին չորս օր լան։ Եփրեմին մարդիկը հաւաքուեցան եւ դէպի հիւսիսային կողմը անցան ու Յեփթայէին ըսին. «Ինչո՞ւ համար Ամմոնի որդիներուն հետ պատերազմելու գացած ատենդ մեզ չկանչեցիր, որպէս զի քեզի հետ երթայինք, հիմա մենք ալ քու տունդ քու վրադ կրակով պիտի այրենք»։ Յեփթայէն անոնց ըսաւ. «Ես ու իմ ժողովուրդս Ամմոնի որդիներուն հետ մեծ կռիւներ ունեցանք եւ ձեզ կանչեցի, բայց դուք զիս անոնց ձեռքէն չազատեցիք։ Ես ալ երբ տեսայ թէ դուք զիս չէք ազատեր, հոգիս ձեռքիս մէջ դնելով Ամմոնի որդիներուն վրայ գացի ու Տէրը զանոնք իմ ձեռքս մատնեց։ Ինչո՞ւ համար դուք այսօր ինծի դէմ պատերազմելու եկաք»։ Յեփթայէն Գաղաադի բոլոր մարդիկը հաւաքելով Եփրեմին հետ պատերազմ ըրաւ։ Գաղաադի մարդիկը Եփրեմեանները զարկին. քանզի ըսեր էին թէ «Դուք, Գաղաադացիներդ, Եփրեմի մէջ ու Մանասէի մէջ փախստականներ էք»։ Գաղաադացիները Եփրեմին առջեւէն Յորդանանի անցքերը բռնեցին ու երբ Եփրեմէն փախստական մը «Թող տուէք, անցնիմ» ըսէր, Գաղաադի մարդիկը անոր կ’ըսէին. «Եփրեմեա՞ն ես»։ Անիկա «Ո՛չ» կ’ըսէր Եւ անոնք անոր կ’ըսէին. «Ուրեմն Շիպպօլէթ ըսէ»։ Անիկա եթէ Սիպպօլէթ ըսէր, (քանզի չէր կրնար շիտակ արտասանել,) զանիկա կը բռնէին եւ Յորդանանի անցքերուն մէջ կը սպաննէին։ Այն ատեն Եփրեմէն քառասունըերկու հազար մարդ ինկաւ։ Եւ Յեփթայէն Իսրայէլի մէջ վեց տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ Երբ Գաղաադացի Յեփթայէն մեռաւ, Գաղաադի քաղաքներէն մէկուն մէջ թաղուեցաւ։ Անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ Բեթլեհեմացի Աբեսսան դատաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա երեսուն տղայ ունէր ու երեսուն աղջիկ, որոնք դուրս տուաւ ու դուրսէն ալ իր տղոցը երեսուն աղջիկ ներս առաւ։ Ինք Իսրայէլի մէջ եօթը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ Երբ Աբեսսան մեռաւ՝ Բեթլեհէմի մէջ թաղուեցաւ։ Անկէ յետոյ Զաբուղոնացի Ելօն Իսրայէլի դատաւոր եղաւ ու Իսրայէլի մէջ տասը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ Երբ Զաբուղոնացի Ելօն մեռաւ, Զաբուղոնի երկիրը՝ Այեղոնի մէջ թաղուեցաւ։ Անկէ յետոյ Փարաթոնացի Հելլելի որդին Աբդօն Իսրայէլի դատաւոր եղաւ։ Անիկա քառասուն տղայ ու երեսուն թոռ ունէր, որոնք եօթանասուն աւանակներու վրայ կը հեծնէին։ Ինք Իսրայէլի մէջ ութը տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ Երբ Փարաթոնացի Հելլելի որդին Աբդօն մեռաւ, Ամաղեկացիներու լերանը վրայ, Եփրեմի երկիրը, Փարաթոնի մէջ թաղուեցաւ։ Իսրայէլի որդիները նորէն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին, ուստի Տէրը զանոնք քառասուն տարի Փղշտացիներուն ձեռքը մատնեց։ Դանի ցեղէն Մանուէ անունով Սարաացի մարդ մը կար, որուն կինը ամուլ էր եւ զաւակ չէր ծնաներ։ Տէրոջը հրեշտակը այս կնոջ երեւցաւ եւ անոր ըսաւ. «Դուն հիմա ամուլ ես ու չես ծնանիր, բայց պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս։ Ուստի զգոյշ կեցիր, չըլլայ որ գինի կամ օղի խմես, ո՛չ ալ անմաքուր բան մը ուտես, Քանզի դուն պիտի յղանաս եւ որդի մը պիտի ծնանիս։ Անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չդպի. քանզի այն տղան իր մօրը արգանդէն Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ։ Անիկա պիտի սկսի Իսրայէլը Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատել»։ Կինը գնաց եւ իր էրկանը պատմեց՝ ըսելով. «Աստուծոյ մարդ մը ինծի եկաւ ու անոր դէմքը Աստուծոյ հրեշտակին դէմքին պէս խիստ ահարկու էր եւ անոր ուրկէ ըլլալը չհարցուցի, ո՛չ ալ անիկա իր անունը ինծի յայտնեց, Բայց ինծի ըսաւ. ‘Ահա դուն պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս։ Ասկէ վերջ գինի ու օղի պիտի չխմես ու անմաքուր բան մը պիտի չուտես. քանզի այն տղան իր մօրը արգանդէն մինչեւ իր մահուան օրը Աստուծոյ ուխտաւորը պիտի ըլլայ’»։ Մանուէ Տէրոջը աղաչելով՝ ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, այն Աստուծոյ մարդը, որ դուն ղրկեցիր, նորէն թող գայ ու մեզի սորվեցնէ թէ այն ծնանելու տղուն ի՛նչ ընենք»։ Աստուած Մանուէի ձայնը լսեց ու հրեշտակը նորէն կնոջը եկաւ՝ երբ արտին մէջ նստեր էր, բայց այրը՝ Մանուէ՝ անոր հետ չէր։ Կինը շուտով վազեց ու էրկանը ըսաւ. «Ահա այն օրը ինծի եկող մարդը նորէն ինծի երեւցաւ»։ Մանուէ ելաւ իր կնոջ ետեւէն գնաց եւ այն մարդուն քով մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Կնոջս հետ խօսող մարդը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Մանուէ ըսաւ. «Երբ քու ըսածդ ըլլայ, տղուն հետ ինչպէ՞ս վարուինք ու ի՞նչ ընելու է՝ ՝»։ Տէրոջը հրեշտակը Մանուէին ըսաւ. «Կինը ամէն ըսածէս թող զգուշանայ, Որթատունկէն ելած բան մը թող չուտէ եւ գինի ու օղի թող չխմէ եւ անմաքուր բան մը բնաւ թող չուտէ ու իմ ամէն պատուիրածս պահէ»։ Մանուէ Տէրոջը հրեշտակին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քիչ մը մեր քով նստէ։ Այծերէն ուլ մը պատրաստենք ու քու առջեւդ դնենք »։ Եւ Տէրոջը հրեշտակը Մանուէին ըսաւ. «Եթէ ես քու քովդ նստիմ անգամ՝ քու հացէդ պիտի չուտեմ, բայց եթէ ողջակէզ պիտի ընես՝ զանիկա Տէրոջը ընծայէ»։ Քանզի Մանուէ չգիտցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն է։ Մանուէ Տէրոջը հրեշտակին ըսաւ. «Անունդ ի՞նչ է, որպէս զի երբ խօսքդ կատարուի, քեզ պատուենք»։ Տէրոջը հրեշտակը անոր ըսաւ. «Իմ անունս ինչո՞ւ կը հարցնես, որովհետեւ անիկա սքանչելի է»։ Եւ Մանուէ ուլն ու հացի ընծան առաւ եւ ապառաժին վրայ Տէրոջը ընծայեց։ Ու հրեշտակը Մանուէին ու անոր կնոջը աչքերուն առջեւ հրաշք մը ըրաւ, Քանզի երբ բոցը սեղանէն դէպի երկինք վեր կ’ելլէր, Տէրոջը հրեշտակն ալ սեղանին բոցովը վեր ելաւ եւ Մանուէ ու իր կինը ապշեցան։ Տէրոջը հրեշտակը անգամ մըն ալ Մանուէին ու անոր կնոջը չերեւցաւ։ Այն ատեն Մանուէ հասկցաւ թէ անիկա Տէրոջը հրեշտակն է։ Մանուէ իր կնոջ ըսաւ. «Անշուշտ պիտի մեռնինք, քանզի Աստուած տեսանք»։ Կինը անոր ըսաւ. «Եթէ Տէրը մեզ մեռցնել ուզէր, մեր ձեռքէն ողջակէզն ու հացի ընծան չէր ընդուներ ու այս բոլոր բաները մեզի չէր ցուցներ եւ այս միջոցին մէջ այսպիսի խօսքեր մեզի լսել չէր տար»։ Ու կինը որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սամփսոն կոչեց ու տղան մեծցաւ եւ Տէրը զանիկա օրհնեց։ Ու Տէրոջը Հոգին Սարաայի ու Եսթաւուղի միջեւ՝ Դանի բանակին մէջ զինք զօրացուց։ Սամփսոն Թամնաթա իջաւ ու Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսաւ Եւ իր տունը դարձաւ ու իր հօրը եւ մօրը պատմեց ու ըսաւ. «Թամնաթայի մէջ Փղշտացիներու աղջիկներէն կին մը տեսայ, զանիկա ինծի կին առէք»։ Անոր հայրն ու մայրը անոր ըսին. «Միթէ քու եղբայրներուդ աղջիկներուն մէջ ու իմ բոլոր ժողովուրդիս մէջ կին չկա՞յ, որ դուն անթլփատ Փղշտացիներէն կին առնելու պիտի երթաս»։ Բայց Սամփսոն իր հօրը ըսաւ. «Զանիկա ինծի առ, քանզի իմ աչքերուս անիկա հաճելի երեւցաւ»։ Անոր հայրն ու մայրը չէին գիտեր թէ այս բանը Տէրոջմէն է, քանզի անիկա Փղշտացիներէն առիթ մը կը փնտռէր, քանզի Փղշտացիները Իսրայէլի վրայ կ’իշխէին։ Սամփսոնն իր հօրը ու մօրը հետ Թամնաթա իջաւ ու մինչեւ Թամնաթայի այգիները գացին եւ ահա առիւծի կորիւն մը մռնչելով անոր դէմը ելաւ։ Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ Սամփսոն ուլ մը ճեղքելու պէս առիւծը ճեղքեց։ Ձեռքին մէջ բան մը չկար եւ ըրածը իր հօրն ու մօրը չպատմեց։ Իջաւ ու կնոջ հետ խօսեցաւ ու կինը Սամփսոնին աչքերուն հաճելի երեւցաւ։ Ժամանակ մը ետքը, երբ դարձաւ կինը առնելու, առիւծին դիակը տեսնելու համար իր ճամբայէն խոտորեցաւ եւ առիւծին դիակին մէջ մեղուներու գունդ մը կար եւ մեղր։ Մեղրը առաւ եւ ուտելով քալեց ու իր հօրն ու մօրը գնաց։ Անոնց ալ տուաւ ու կերան. բայց անոնց չըսաւ թէ մեղրը առիւծին դիակէն հանեց։ Հայրը այն կնոջ քով իջաւ ու Սամփսոն հոն խնճոյք մը ըրաւ, քանզի երիտասարդները այդպէս կ’ընէին։ Ու երբ զանիկա տեսան, երեսուն ընկեր բերին, որպէս զի անոր հետ ըլլան։ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Հիմա ձեզի հանելուկ մը պիտի ըսեմ. եթէ զանիկա այս խնճոյքին եօթը օրուանը մէջ ինծի բացատրէք ու գտնէք, ես ալ ձեզի երեսուն շապիկ ու երեսուն ձեռք փոխելու հանդերձ պիտի տամ. Բայց եթէ չկարենաք զանիկա ինծի բացատրել, այն ատեն դուք ինծի երեսուն շապիկ ու երեսուն ձեռք փոխելու հանդերձ պիտի տաք»։ Անոնք ըսին. «Քու հանելուկդ մեզի ըսէ՛, որպէս զի լսենք»։ Անոնց ըսաւ. «Կերողէն կերակուր ելաւ ու հզօրէն անոյշ ելաւ»։ Անոնք այս հանելուկը երեք օրուան մէջ չկրցան լուծել։ Եօթներորդ օրը Սամփսոնին կնոջը ըսին. «Այրդ խաբէ՛, որպէս զի հանելուկը մեզի բացատրէ, որ չըլլայ թէ քեզ ու քու հօրդ տունը կրակով այրենք։ Մեզ թալլելո՞ւ համար կանչեցիք. այնպէս չէ՞»։ Սամփսոնի կինը անոր քով լալով՝ ըսաւ. «Անշուշտ դուն զիս կ’ատես ու չես սիրեր. իմ ժողովուրդիս որդիներուն հանելուկ մը ըսիր, բայց ինծի չբացատրեցիր»։ Սամփսոն ըսաւ անոր. «Ահա իմ հօրս ու մօրս ալ չյայտնեցի ու քեզի՞ պիտի յայտնեմ»։ Բայց կինը իրենց խնճոյքին եօթը օրուանը մէջ անոր քով լացաւ ու Սամփսոն եօթներորդ օրը անոր բացատրեց, քանզի իրեն նեղութիւն կու տար։ Անիկա ալ իր ժողովուրդին որդիներուն բացատրեց հանելուկը։ Քաղաքին մարդիկը եօթներորդ օրը արեւին մտնելէն առաջ անոր ըսին. «Մեղրէն անոյշ ու առիւծէն զօրաւոր ի՞նչ կայ»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Եթէ դուք իմ երինջովս չհերկէիք, իմ հանելուկս չէիք կրնար գտնել»։ Տէրոջը Հոգին անոր վրայ եկաւ եւ անիկա Ասկաղոն իջաւ ու անոնցմէ երեսուն մարդ մեռցուց եւ անոնց հանդերձները առաւ ու հանելուկը բացատրողներուն տուաւ եւ սաստիկ բարկանալով իր հօրը տունը դարձաւ։ Ու Սամփսոնին կինը անոր փեսայութեան ընկերին տրուեցաւ։ Ժամանակէ մը ետքը ցորենի հունձքի օրերը՝ Սամփսոն այծերէն ուլ մը առաւ ու իր կնոջ այցելութեան գնաց ու ըսաւ. «Ներքին սենեակին մէջ կնոջս քով պիտի մտնեմ», բայց կնոջը հայրը զայն չթողուց որ մտնէ։ Անոր հայրը ըսաւ. «Իրաւցընէ կարծեցի թէ դուն զանիկա բոլորովին ատեցիր ու զանիկա քու ընկերիդ տուիր. ահա անոր պզտիկ քոյրը անկէ գեղեցիկ է, հիմա անոր տեղ անիկա քեզի ըլլայ»։ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Այս անգամ Փղշտացիներէն անպարտ պիտի ըլլամ, եթէ անոնց չարութիւն մը ընեմ»։ Սամփսոն գնաց երեք հարիւր աղուէս բռնեց եւ ջահեր առաւ։ Աղուէսները պոչ պոչի կապեց ու երկու պոչերուն մէջտեղ ջահ մը դրաւ։ Ջահերը կրակով բռնկեցնելէն յետոյ՝ զանոնք Փղշտացիներուն հունձքին մէջ ձգեց ու դիզուած եւ չկտրուած հունձքերն ու մինչեւ անգամ այգիներն ու ձիթենիները այրեց։ Փղշտացիները ըսին. «Այս բանը ո՞վ ըրաւ»։ Ու ըսին. «Թամնաթացիին փեսան Սամփսոն. քանզի անոր կինը առաւ՝ անոր ընկերին տուաւ»։ Փղշտացիները ելան եւ կինն ու անոր հայրը կրակով այրեցին։ Իսկ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Թէեւ դուք այսպէս ըրիք, բայց ես վրէժս պիտի առնեմ ձեզմէ ու ետքը պիտի դադարիմ»։ Եւ զանոնք սրունքէն մինչեւ երանքը զարկաւ ու իջաւ Ետամ խոռոչը բնակեցաւ։ Փղշտացիները ելան ու Յուդայի դէմ բանակեցան ու Լեքիի մէջ տարածուեցան։ Յուդայեանները ըսին. «Ինչո՞ւ համար մեր վրայ ելաք»։ Անոնք ալ ըսին. «Սամփսոնը կապելու ելանք, որպէս զի մեզի ըրածին պէս մենք ալ անոր ընենք»։ Յուդայէն երեք հազար մարդ Ետամ ապառաժին խոռոչը իջան եւ Սամփսոնին ըսին. «Չե՞ս գիտեր թէ փղշտացիները մեր վրայ կ’իշխեն. ինչո՞ւ համար այս բանը մեզի ըրիր»։ Անիկա անոնց ըսաւ. «Անոնք ինծի ինչպէս ըրին, ես ալ անոնց այնպէս ըրի»։ Անոր ըսին. «Մենք իջանք որ քեզ կապենք ու Փղշտացիներուն ձեռքը տանք»։ Սամփսոն անոնց ըսաւ. «Ինծի երդում ըրէք, թէ դուք զիս պիտի չմեռցնէք»։ Եւ անոնք անոր ըսին. «Ո՛չ, քեզ պիտի չմեռցնենք, բայց քեզ պիտի կապենք ու անոնց ձեռքը տանք»։ Զանիկա երկու նոր չուանով կապեցին եւ ապառաժէն դուրս հանեցին։ Երբ անիկա մինչեւ Լեքի գնաց, Փղշտացիները աղաղակելով զանիկա դիմաւորեցին։ Տէրոջը Հոգին անոր վրայ գալով՝ անոր թեւերուն վրայ եղող չուանները կրակով այրուած քթանի պէս եղան ու կապերը ձեռքերէն քակուեցան։ Իշու ծնօտ մը գտաւ, որ դեռ չորցած չէր ու ձեռքը երկնցուց զանիկա առաւ եւ անով հազար մարդ մեռցուց։ Սամփսոն ըսաւ. «Իշու ծնօտով դէզ դէզ ձգեցի զանոնք, իշու ծնօտով հազար մարդ մեռցուցի»։ Ու երբ իր խօսքը լմնցուց, ծնօտը ձեռքէն նետեց եւ այն տեղին անունը Ռամաթ-Լեքի կոչեց։ Եւ խիստ շատ ծարաւնալով՝ Տէրոջը աղաղակեց ու ըսաւ. «Դուն քու ծառայիդ ձեռքով այս մեծ փրկութիւնը յաջողցուցիր. հիմա ծարա՞ւ մեռնիմ, կամ անթլփատներուն ձե՞ռքը իյնամ»։ Աստուած Լեքիի մէջ եղած փոսը բացաւ ու անկէ ջուր ելաւ եւ Սամփսոն խմեց ու ոգին իրեն դարձաւ եւ ապրեցաւ. անոր համար անոր անունը Ենգօրէ ըսուեցաւ, որ Լեքիի մէջ է մինչեւ այսօր։ Սամփսոն Փղշտացիներուն օրերուն Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ Սամփսոն Գազա գնաց ու հոն պոռնիկ կին մը տեսաւ ու անոր մտաւ։ Գազացիներուն ըսուեցաւ թէ Սամփսոն հոս եկեր է։ Պաշարեցին ու բոլոր գիշերը անոր դարանակալ եղան քաղաքին դրանը քով ու բոլոր գիշերը լուռ կեցան եւ ըսին. «Առաւօտուն զանիկա կը մեռցնենք»։ Սամփսոն մինչեւ կէս գիշեր քնացաւ ու կէս գիշերին ելաւ, քաղաքին դրանը փեղկերը երկու սեմերովը բռնեց, զանոնք նիգովը մէկտեղ փրցուց ու կռնակը առնելով զանոնք Քեբրոնի դիմացի լերանը գլուխը հանեց։ Անկէ ետքը Սովրեկ հեղեղատին եզերքը բնակող կին մը սիրեց։ Անոր անունը Դալիլա էր։ Փղշտացիներու նախարարները կնոջ քով գացին ու անոր ըսին. «Զանիկա խաբէ ու անկէ հասկցիր թէ անոր մեծ զօրութիւնը ինչէ՞ն է եւ թէ ինչո՞վ կրնանք անոր յաղթել, որպէս զի զանիկա կապենք ու հնազանդեցնենք։ Ատոր համար քեզի ամէն մէկս հազար հարիւր կտոր արծաթ կու տանք»։ Ու Դալիլա Սամփսոնին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, յայտնէ ինծի թէ քու մեծ զօրութիւնդ ինչէ՞ն է եւ քեզ հնազանդեցնելու համար ի՞նչ բանով կապել պէտք է»։ Սամփսոն անոր ըսաւ. «Եթէ զիս եօթը հատ չչորցած թարմ ջիլերով՝ ՝ կապեն, կը տկարանամ եւ ուրիշ մարդոց մէկուն պէս կ’ըլլամ»։ Փղշտացիներու նախարարները անոր եօթը հատ չչորցած թարմ ջիլեր բերին։ Զանիկա անոնցմով կապեց։ Ներքին սենեակին մէջ դարանակալ մարդիկ նստեր էին։ Ու կինը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ Այն ատեն անիկա ջիլերը կրակի հոտէն փրթած խծուծէ լարի պէս փրցուց։ Ասով ալ անոր ոյժին գաղտնիքը չհասկցուեցաւ։ Դալիլա ըսաւ Սամփսոնին. «Ահա զիս խաբեցիր ու ինծի սուտ խօսեցար. հիմա կ’աղաչեմ, յայտնէ ինծի թէ ինչո՞վ կը կապուիս»։ Ան ալ ըսաւ. «Եթէ զիս նոր ու չգործածուած չուաններով աղէկ մը կապեն, այն ատեն կը տկարանամ եւ ուրիշ մարդոց մէկուն պէս կ’ըլլամ»։ Դալիլա նոր չուաններ առաւ եւ անոնցմով զանիկա կապեց ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ (Դարանակալ մարդիկ ներքին սենեակին մէջ նստեր էին։) Սամփսոն զանոնք իր թեւերէն դերձանի պէս փրցուց։ Դալիլա ըսաւ Սամփսոնին. «Մինչեւ հիմա զիս խաբեցիր եւ ինծի սուտ խօսեցար։ Ըսէ՛ ինծի թէ ինչո՞վ կը կապուիս»։ Ու անիկա ըսաւ անոր. «Եթէ գլխուս եօթը բաժին մազերը աղբով հիւսես»։ Անիկա այնպէս ըրաւ, ու գործարանին ցիցովը ամուրցուց ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ Սամփսոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ Անիկա քունէն արթնցաւ ու ոստայնին ցիցը աղբովը մէկտեղ քաշեց տարաւ ։ Այն ատեն Դալիլա անոր ըսաւ. «Քու սիրտդ ինծի հետ չէ։ Ի՞նչպէս կ’ըսես թէ ‘Քեզ կը սիրեմ’։ Երեք անգամ է, որ զիս կը խաբես ու ինծի չըսիր թէ քու մեծ զօրութիւնդ ինչէ՞ն է»։ Որովհետեւ ամէն օր իր խօսքերովը անոր նեղութիւն կու տար ու զանիկա կը բռնադատէր, այնպէս որ անոր սիրտը մինչեւ մահուան աստիճան նեղացաւ։ Ուստի բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր պատմեց ու ըսաւ անոր. «Իմ գլխուս վրայ ածելի չէ դպած. քանզի իմ մօրս արգանդէն ես Աստուծոյ ուխտաւոր եմ։ Եթէ ածիլուիմ, իմ ոյժս ինծմէ կ’երթայ ու կը տկարանամ եւ ամէն մարդու պէս կ’ըլլամ»։ Երբ Դալիլա տեսաւ որ անիկա բոլոր իր սրտին մէջ եղածը իրեն պատմեց, նախարարները կանչել տուաւ ու ըսաւ. «Այս անգամ ելէ՛ք. քանզի բոլոր իր սրտին մէջ եղածը ինծի յայտնեց։ Այն ատեն նախարարները անոր քով ելան ու արծաթն ալ իրենց հետ բերին։ Դալիլա զանիկա իր ծունկերուն վրայ քնացուց ու մարդ մը կանչեց եւ անոր գլխուն եօթը բաժին մազերը ածիլել տուաւ ու սկսաւ զանիկա նեղել եւ անոր ոյժը իրմէ գացած էր։ Կինը ըսաւ. «Ո՛վ Սամփաոն, Փղշտացիները քու վրադ կու գան »։ Անիկա քունէն արթննալով ըսաւ. «Ելլեմ ու միւս անգամներուն պէս ցնցուիմ»։ Անիկա չէր գիտեր թէ Տէրը իրմէ գացեր էր։ Փղշտացիները զանիկա բռնեցին եւ անոր աչքերը փորեցին ու զանիկա Գազա իջեցուցին եւ ոտնակապերով կապեցին ու բանտին մէջ աղօրիքի քար կը դարձնէր։ Անոր գլխուն մազը սկսաւ բուսնիլ։ Փղշտացիներու նախարարները հաւաքուեցան, որպէս զի իրենց աստուծոյն՝ Դագոնին՝ մեծ զոհ մատուցանեն եւ ուրախութիւն ընեն ու ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամի Սամփսոնը»։ Ու ժողովուրդը զանիկա տեսնելով՝ իրենց աստուածը գովեցին. քանզի ըսին. «Մեր աստուածը մեր ձեռքը մատնեց մեր թշնամին, մեր երկիրը աւրողը եւ մեզմէ շատեր մեռցնողը»։ Երբ անոնց սիրտը ուրախ էր, ըսին. «Սամփսոնը կանչեցէք, որ մեր առջեւ խաղայ»։ Ուստի Սամփսոնը բանտէն կանչեցին ու անոնց առջեւ խաղաց եւ զանիկա սիւներուն մէջտեղ կայնեցուցին։ Սամփսոն իր ձեռքէն բռնող պատանիին ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, որ այս տունը վերցնող սիւները բռնեմ ու անոնց վրայ կռթնիմ»։ Տունը այր եւ կիներով լեցուն էր ու Փղշտացիներու բոլոր նախարարները հոն էին եւ տանիքին վրայ երեք հազարի չափ մարդիկ ու կիներ կային, որոնք Սամփսոնին խաղալը կը դիտէին։ Սամփսոն Տէրոջը աղաղակելով ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, զիս յիշէ՛. ո՛վ Աստուած, միայն այս անգամ ալ զիս զօրացուր, որպէս զի Փղշտացիներէն իմ երկու աչքերուս վրէժը մէկէն առնեմ»։ Ու Սամփսոն այն տունը վերցնող երկու միջին սիւները, մէկը աջ ձեռքովը ու միւսը ձախ ձեռքովը բռնելով, անոնց վրայ կռթնեցաւ Եւ Սամփսոն ըսաւ. «Իմ անձս Փղշտացիներուն հետ թող մեռնի» ու բոլոր ուժովը ծռեցաւ եւ տունը՝ նախարարներուն ու իր մէջը եղող բոլոր ժողովուրդին վրայ ինկաւ։ Իր մեռած ատենը մեռցուցածները իր կենդանութեան ատենը մեռցուցածներէն աւելի էին։ Այն ատեն եղբայրները եւ բոլոր հօրը տունը իջան ու զանիկա վերցուցին եւ հանեցին իր հօրը Մանուէին գերեզմանը թաղեցին՝ Սարաայի ու Եսթաւուղի մէջտեղ։ Անիկա Իսրայէլի մէջ քսան տարի դատաւորութիւն ըրաւ։ Եփրեմին լեռնէն Միքա անունով մարդ մը կար։ Անիկա իր մօրը ըսաւ. «Քեզմէ առնուած այն հազար հարիւր կտոր արծաթը, որուն համար անէծք տուիր, ահա այն արծաթը իմ քովս է, զանիկա ես առի»։ Մայրը անոր ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, Տէրը քեզ օրհնէ»։ Եւ անիկա հազար հարիւր կտոր արծաթը իր մօրը դարձուց. բայց անոր մայրը ըսաւ. «Ես այն արծաթը իմ ձեռքէս բոլորովին Տէրոջը նուիրեցի իմ տղուս համար, անով քանդակուած ու թափծու կուռք շինելու համար. ուստի հիմա զանիկա քեզի կու տամ»։ Իսկ Միքա այն արծաթը իր մօրը դարձուց։ Մայրը երկու հարիւր կտոր արծաթ առաւ ու զանոնք ոսկերիչին տուաւ, ան ալ անոնցմով քանդակուած ու թափծու կուռք շինեց եւ անոնք Միքայի տունը դրուեցան։ Ու Միքան աստուածներու տուն մը ունեցաւ ու եփուտ եւ թերափիմ շինեց ու իր տղաքներէն մէկը ընտրեց, որ իրեն քահանայ ըլլայ։ Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար։ Ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր։ Յուդային ազգատոհմէն ու Յուդային Բեթլեհէմէն պատանի մը կար։ Անիկա Ղեւտացի էր ու հոն կը բնակէր պանդուխտի պէս։ Այս մարդը Յուդային Բեթլեհէմէն ելաւ, որպէս զի ապրուստ գտած տեղը պանդխտութիւն ընէ ու ճամբորդութիւն ընելով մինչեւ Եփրեմի լեռը ու մինչեւ Միքայի տունը գնաց։ Միքա անոր ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ու անիկա անոր ըսաւ. «Ես Ղեւտացի եմ ու Յուդային Բեթլեհէմէն կու գամ, եւ ապրուստ գտած տեղս պանդխտանալու կ’երթամ»։ Միքա անոր ըսաւ. «Իմ քովս բնակէ եւ ինծի հայր ու քահանայ եղիր եւ ես քեզի տարուէ տարի տասը կտոր արծաթ, ձեռք մը փոխելու հանդերձ ու քու ուտելիքդ տամ»։ Ղեւտացին հոն մնաց։ Ղեւտացին այն մարդուն հետ բնակելու հաւանութիւն տուաւ եւ այս պատանին անոր որդիներէն մէկուն պէս եղաւ անոր։ Ու Միքա Ղեւտացին օրհնեց եւ պատանին անոր քահանայ եղաւ ու Միքայի տունը կը բնակէր։ Եւ Միքա ըսաւ. «Հիմա աղէկ գիտեմ որ Տէրը ինծի բարիք պիտի ընէ, քանզի այս Ղեւտացին իմ քահանաս եղաւ»։ Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար ու Դանին ցեղը իրեն ժառանգութիւն մը կը փնտռէր բնակելու համար, քանզի մինչեւ այն օրը Իսրայէլի ցեղերուն մէջ անոր բաւական ժառանգութիւն ինկած չէր։ Դանի որդիները իրենց ազգատոհմերէն ու իրենց սահմաններէն, Սարաայէն ու Եսթաւուղէն, հինգ զօրաւոր մարդ ղրկեցին, որպէս զի երկիրը լրտեսեն ու քննեն եւ անոնց ըսին. «Գացէք երկիրը քննեցէք»։ Անոնք Եփրեմին լեռը մինչեւ Միքային տունը գացին եւ գիշերը հոն մնացին։ Երբ անոնք Միքային տանը քովն էին, Ղեւտացի պատանիին ձայնը ճանչցան եւ հոն դարձան ու ըսին. «Ո՞վ քեզ հոս բերաւ եւ դուն հոս ի՞նչ կ’ընես ու ինչո՞ւ համար հոս կեցեր ես՝ ՝»։ Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Միքան ինծի այսպէս այսպէս ըրաւ ու զիս վարձքով բռնեց, որպէս զի իրեն քահանայ ըլլամ»։ Անոր ըսին. «Հիմա Աստուծոյ հարցուր, որպէս զի գիտնանք թէ արդեօք մեր գացած ճամբուն մէջ պիտի յաջողի՞նք»։ Ու քահանան անոնց ըսաւ. «Խաղաղութեամբ գացէք. ձեր երթալու ճամբան Տէրոջը առջեւ հաճելի է»։ Այն ատեն այն հինգ մարդիկը գացին Լայիս մտան եւ անոր մէջ բնակող ժողովուրդը տեսան, որոնք Սիդոնացիներուն պէս անհոգութեամբ հանգիստ ու ապահով կը բնակէին եւ այն երկրին մէջ վնաս տուող մը չկար, որ իշխէր անոնց վրայ ու՝ ՝ Սիդոնացիներէն հեռու ըլլալով՝ բնաւ մարդու մը հետ գործ չունէին։ Եւ այն հինգ մարդիկը Սարաա եւ Եսթաւուղ դարձան իրենց եղբայրներուն, որոնք իրենց հարցուցին. «Դուք ի՞նչ ըրիք »։ Անոնք ըսին. «Ելէ՛ք, անոնց վրայ երթանք, քանզի մենք երկիրը տեսանք, ահա շատ աղէկ է. բայց դուք թոյլ մի՛ կենաք։ Երթալու ու երկիրը ժառանգելու եւ հոն մտնելու անհոգութիւն մի՛ ընէք։ Երբ հոն երթաք, անհոգ ժողովուրդ մը ու շատ ընդարձակ երկիր մը պիտի գտնէք, որը Աստուած ձեր ձեռքը տուեր է ու այնպիսի տեղ մըն է, ուր երկրի վրայ եղող բաներէն մէ՛կը պակաս չէ»։ Դանին ազգատոհմէն, անկէ՝ այսինքն Սարաայէն ու Եսթաւուղէն, վեց հարիւր սպառազինեալ մարդիկ գացին։ Ելան Յուդայի Կարիաթարիմը բանակեցան։ Անոր համար այն տեղը մինչեւ այսօր Մահանէ-Դան կը կոչուի։ Ահա անիկա Կարիաթարիմի ետեւն է։ Անկէ Եփրեմին լեռը անցան ու մինչեւ Միքային տունը գացին։ Լայիսի երկիրը լրտեսելու գացող այն հինգ մարդիկը իրենց եղբայրներուն ըսին. «Գիտէ՞ք թէ այս տուներուն մէջ եփուտ, թերափիմ եւ քանդակուած ու թափծու կուռք կայ. ուստի ձեր ընելու բանը գիտցէք»։ Այն ատեն անոնք դէպի հոն դառնալով այն Ղեւտացի պատանիին՝ Միքային տունը մտան ու անոր ողջութիւնը հարցուցին։ Եւ Դանին որդիներէն վեց հարիւր սպառազինեալ մարդիկ դրանը բերանը կեցան։ Երկիրը լրտեսելու գացող հինգ մարդիկը հոն մտան եւ քանդակուած կուռքը, եփուտը, թերափիմն ու թափծու կուռքը առին եւ քահանան այն վեց հարիւր սպառազինեալ մարդոց հետ դրանը բերանը կեցեր էր։ Ու երբ անոնք Միքային տունը մտան եւ քանդակուած կուռքը, եփուտը, թերափիմն ու թափծու կուռքը առին, քահանան անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ կ’ընէք» Անոնք ըսին անոր. «Լո՛ւռ կեցիր, ձեռքդ բերնիդ վրայ դի՛ր ու մեզի հետ եկո՛ւր եւ մեզի հայր ու քահանայ եղիր։ Մէկ մարդու տա՞նը քահանայ ըլլալ աղէկ է, թէ Իսրայէլի մէկ ցեղին ու մէկ ազգատոհմին քահանայ ըլլալը»։ Քահանան սրտին մէջէն ուրախանալով՝ եփուտը, թերափիմը եւ քանդակուած կուռքը առաւ ու ժողովուրդին մէջ մտաւ։ Եւ անոնք դարձան գացին ու ընտանիքները եւ անասուններն ու թանկագին կարասիները իրենց առջեւ դրին։ Երբ անոնք Միքային տունէն հեռացան, Միքային տանը մօտ եղող տուներուն մարդիկը հաւաքուեցան ու Դանին որդիներուն ետեւէն հասան։ Դանին որդիներուն ետեւէն կանչուըռտեցին, անոնք ալ երեսնին դարձուցին ու Միքային ըսին. «Քեզի ի՞նչ եղաւ, որ այսպէս բազմութիւնով կու գաս՝ ՝»։ Անիկա ըսաւ. «Իմ շինած աստուածներս ու քահանան առած կ’երթաք, ալ ինծի ի՞նչ կը մնայ։ Ինծի ինչո՞ւ համար կ’ըսէք թէ ‘Քեզի ի՞նչ եղաւ’»։ Դանին որդիները անոր ըսին. «Մեր մէջ քու ձայնդ չլսուի. չըլլայ որ բարկացոտ մարդիկ քու վրադ յարձակին ու քու կեանքդ եւ քու ընտանիքիդ կեանքը կորսնցնեն»։ Դանին որդիները իրենց ճամբան գացին։ Միքա տեսնելով որ անոնք իրմէ զօրաւոր են, դարձաւ իր տունը։ Անոնք Միքային շինածները եւ անոր քահանան առին ու Լայիսի վրայ, հանգիստ եւ անհոգ կեցող ժողովուրդի մը վրայ գացին ու զանոնք սուրի բերնէ անցընելով քաղաքը կրակով այրեցին։ Անոնք Սիդոնէն հեռու ըլլալնուն ու մարդու մը հետ գործ չունենալուն համար, զանոնք ազատող մը չկար։ Այն քաղաքը Բեթրոոբի հովիտին մէջ էր։ Քաղաքը շինեցին եւ անոր մէջ բնակեցան։ Քաղաքին անունը իրենց հօրը Իսրայելեան Դանին անունովը Դան կոչեցին, բայց քաղաքին անունը նախապէս Լայիս էր։ Դանին որդիները քանդակուած կուռքը կանգնեցուցին իրենց համար։ Ու Մանասէի որդիին Գերսոնին որդին Յովնաթան, ինք ու իր որդիները, մինչեւ երկրին գերութեան օրը՝ Դանի ցեղին քահանաներն էին։ Ուստի անոնք Միքային քանդակուած կուռքը իրենց պահեցին, որչափ ժամանակ որ Աստուծոյ տունը Սելովի մէջ էր։ Այն օրերը երբ Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար, Եփրեմի լերանը կողմերը բնակող պանդուխտ Ղեւտացի մը կար, որ Յուդայի Բեթլեհէմէն հարճ մը առաւ իրեն։ Անոր հարճը անոր դէմ շնութիւն ընելով՝ անկէ իր հօրը տունը, Յուդայի Բեթլեհէմը գնաց ու չորս ամիսի չափ հոն կեցաւ։ Այրը անոր ետեւէն գնաց, որպէս զի քաղցրութեամբ խօսի անոր հետ ու զանիկա ետ բերէ։ Իրեն հետ առեր էր իր ծառան ու երկու էշ։ Կինը զանիկա իր հօրը տունը տարաւ եւ աղջկան հայրը երբ զանիկա տեսաւ, ուրախութեամբ զանիկա դիմաւորեց։ Աղջկան հայրը՝ անոր աները՝ զանիկա ներս առաւ եւ երեք օր անոր հետ նստաւ. կերան, խմեցին ու գիշերները հոն մնացին։ Չորրորդ օրը, երբ առաւօտուն կանուխ ելան, Ղեւտացին ոտքի ելաւ որպէս զի երթայ. բայց աղջկան հայրը իր փեսային ըսաւ. «Կտոր մը հաց կեր, որպէս զի սիրտդ ուժովնայ ու ետքը գացէք»։ Նստան ու երկուքը մէկտեղ կերան եւ խմեցին ու աղջկան հայրը այն մարդուն ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, այս գիշեր ալ հոս կեցիր, որ սիրտդ զուարճանայ»։ Այն մարդը ելաւ որ երթայ, բայց քանի որ աները բռնադատեց, այդ գիշեր ալ հոն մնաց։ Հինգերորդ օրը առաւօտուն կանուխ ելաւ որ երթայ։ Աղջկան հայրը ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, սիրտդ ուժովցուր» եւ ուշացուց մինչեւ կէսօրուան անցնիլը ու երկուքը մէկտեղ կերան։ Այն մարդը ելաւ՝ ինք, իր հարճն ու իր ծառան՝ ճամբայ երթալու համար. բայց անոր աները՝ աղջկան հայրը՝ ըսաւ անոր. «Ահա օրը իրիկուն ըլլալու վրայ է. կ’աղաչեմ, գիշեր հոս մնացէք։ Ահա օրը կ’իջնէ, գիշերը հոս կեցիր ու սիրտդ զուարճանայ եւ վաղը կանուխ ճամբայ ելէք ու ձեր վրանը գացէք»։ Սակայն Ղեւտացին գիշերը մնալ չուզեց ու ելաւ գնաց ու մինչեւ Յեբուսի, այսինքն Երուսաղէմի մօտը եկաւ։ Իրեն հետ երկու համետած էշ ունէր ու իր հարճն ալ իրեն հետ էր։ Երբ Յեբուսի մօտեցան, օրը շատ անցած ըլլալուն համար, ծառան իր տիրոջը ըսաւ. «Եկուր այս Յեբուսացիներու քաղաքը երթանք ու գիշերը հոն մնանք»։ Բայց տէրը անոր ըսաւ. «Իսրայէլի որդիներէն չեղող օտարազգիներուն քաղաքը չերթանք, հապա մինչեւ Գաբաա անցնինք»։ Եւ իր ծառային ըսաւ. «Եկո՛ւր, այն տեղերէն մէկուն մօտենանք ու գիշերը Գաբաայի կամ Ռամայի մէջ մնանք»։ Ուստի անցան գացին ու երբ Բենիամինի Գաբաային մօտեցան՝ արեւը մարը մտաւ։ Հոն դարձան, որպէս զի Գաբաա մտնեն ու գիշերը հոն մնան։ Գացին քաղաքին հրապարակին մէջ նստան ու մարդ մը չկար, որ զանոնք իր տունը տանէր՝ գիշերը անցընելու համար։ Իրիկունը արտէն ծեր մարդ մը կու գար՝ իր գործէն դառնալով ու անիկա Եփրեմի լեռնէն էր եւ Գաբաայի մէջ պանդխտացեր էր, իսկ այն տեղին բնակիչները Բենիամինեաններ էին։ Երբ անիկա աչքերը վերցուց եւ ճամբորդները քաղաքին հրապարակին վրայ տեսաւ, ծեր մարդը ըսաւ. «Ուրկէ՞ կու գաք եւ ո՞ւր կ’երթաք»։ Ու Ղեւտացին ըսաւ. «Մենք Յուդայի Բեթլեհէմէն մինչեւ Եփրեմի լերան կողմերը կ’անցնինք։ Ես այն տեղացի եմ ու մինչեւ Յուդայի Բեթլեհէմը գացի եւ հիմա Տէրոջը տունը կ’երթամ, բայց հոս զիս իր տունը ընդունող մարդ մը չկայ։ Մեր էշերուն համար յարդ ու ճարակ կայ եւ ինծի համար, քու աղախինիդ ու քու ծառաներուդ հետ եղող մանչուն համար հաց ու գինի ունիմ, բնաւ բան մը պակաս չէ»։ Այն ծեր մարդը ըսաւ. «Խաղաղութիւն քեզի. քու ամէն պակասութեանդ հոգը իմ վրայ ըլլայ. ուրեմն գիշերը հրապարակին մէջ մի՛ մնար»։ Ու զանիկա իր տունը տարաւ, էշերուն կեր տուաւ։ Անոնք ոտքերնին լուալէն ետքը կերան եւ խմեցին։ Երբ անոնց սիրտը կը զուարճանար, ահա քաղաքին բնակիչներէն չար մարդիկ տանը չորս կողմը պաշարեցին ու դուռը ձեռք առին եւ տանը տիրոջը, այն ծեր մարդուն հետ խօսեցան ու ըսին. «Տունդ եկող մարդը հանէ՛, որպէս զի զանիկա գիտնանք»։ Այն տանտէրը անոնց ըսաւ. «Ո՛չ, եղբայրներս. կ’աղաչեմ, գէշութիւն մի՛ ընէք. այս մարդուն իմ տունս մտնելէն ետքը այս անզգամութիւնը մի՛ ընէք։ Ահա իմ կոյս աղջիկս ու այն մարդուն հարճը հիմա ձեզի հանեմ եւ զանոնք լլկեցէք ու ձեր ուզածը ըրէք անոնց, բայց այս մարդուն այս անզգամութեան գործը մի՛ ընէք»։ Բայց այն մարդիկը չուզեցին անոր խօսքին մտիկ ընել։ Այն մարդը իր հարճը բռնեց դուրս հանեց եւ անոնք զանիկա գիտցան ու բոլոր գիշերը զանիկա լլկեցին մինչեւ առաւօտ։ Երբ արշալոյսը ծագեցաւ, զանիկա թող տուին որ երթայ։ Այն կինը առտուան դէմ գնաց ու ինկաւ այն մարդուն տանը դրանը առջեւ, ուր իր տէրը կը կենար ու մինչեւ որ լուսցաւ հոն մնաց ։ Անոր տէրը առաւօտուն ելաւ, տանը դռները բացաւ, որպէս զի ելլէ իր ճամբան երթայ եւ ահա իր հարճը, տանը դրանը առջեւ ինկեր էր եւ ձեռքերը սեմին վրայ էին Ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, երթանք»։ Բայց պատասխան տուող չկար։ Այն ատեն զանիկա իր իշուն վրայ դրաւ ու իր տեղը գնաց։ Երբ իր տունը հասաւ, դանակ մը առաւ ու իր հարճը բռնեց եւ զանիկա ոսկորներովը տասներկու կտորի բաժնեց ու Իսրայէլի բոլոր սահմանները ղրկեց։ Եւ ամէն տեսնողները կ’ըսէին թէ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչեւ այսօր այսպիսի բան մը ո՛չ եղեր է, ո՛չ ալ տեսնուեր է։ Ասոր վրայ մտածեցէ՛ք, խորհուրդ ըրէ՛ք ու խօսեցէք։ Այն ատեն բոլոր Իսրայէլի որդիները ելան ու ժողովուրդը մէկ մարդու պէս Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ եւ Գաղաադի երկիրը, Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ հաւաքուեցան։ Բոլոր ժողովուրդին, Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն, գլխաւոր մարդիկը չորս հարիւր հազար սուր քաշող հետեւակ զօրք ըլլալով, Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովին ներկայացան։ Բենիամինին որդիները լսեցին թէ Իսրայէլի որդիները Մասփա ելեր են։ Իսրայէլի որդիները ըսին. « Մեզի պատմեցէ՛ք թէ այս չարութիւնը ի՛նչպէս եղաւ»։ Այն Ղեւտացի մարդը, մեռցուած կնոջ այրը, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես ու իմ հարճս Բենիամինի Գաբաան եկանք, որպէս զի գիշերը հոն մնանք։ Գաբաայի բնակիչները ինծի դէմ ոտքի ելան ու գիշերով իմ եղած տունս պաշարեցին եւ զիս մեռցնել կ’ուզէին ու իմ հարճս լլկեցին եւ մեռաւ։ Ես ալ իմ հարճս առի ու զանիկա կտոր կտոր ըրի եւ Իսրայէլի ժառանգութեանը բոլոր երկիրը ղրկեցի, քանզի անոնք Իսրայէլի մէջ մեծ յանցանք ու անզգամութիւն ըրին։ Ահա դուք ամէնքդ ալ Իսրայէլի որդիներ էք, հոս ձեր մէջ խօսեցէ՛ք ու խորհուրդ ըրէ՛ք»։ Բոլոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի ելաւ ու ըսաւ. «Մեզմէ բնաւ մէկը իր վրանը պիտի չերթայ ու բնաւ մէկը իր տունը պիտի չդառնայ։ Ահա թէ Գաբաայի ինչ պիտի ընենք։ Անոր վրայ վիճակով երթանք Ու Իսրայէլի ամէն ցեղէ հարիւրէն՝ տասը՝ հազարէն՝ հարիւր ու տասը հազարէն հազար մարդ առնենք, որպէս զի ժողովուրդին պաշար տանին։ Անոնք ալ Բենիամինի Գաբաան մտնելով, անոր բնակիչներուն Իսրայէլի մէջ ըրած բոլոր անզգամութեանը փոխարէնը հատուցանեն»։ Այն քաղաքին վրայ երթալու համար ՝ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը մէկ մարդու պէս միաբանութեամբ հաւաքուեցան։ Իսրայէլի ցեղերը Բենիամինին ցեղին մարդիկը ղրկեցին ու ըսին. «Այս ի՞նչ չարութիւն է ձեր մէջ եղաւ։ Հիմա Գաբաայի մէջ եղող այն չար մարդիկը տուէք, որպէս զի զանոնք մեռցնենք ու չարութիւնը Իսրայէլէն վերցնենք»։ Բայց Բենիամինեանները իրենց եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն, խօսքին մտիկ ընել չուզեցին։ Բենիամինին որդիները Իսրայէլի որդիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար, իրենց քաղաքներէն Գաբաայի մէջ հաւաքուեցան։ Այն օրը իրենց քաղաքներէն եկող Բենիամինին որդիները համրուեցան ու քսանըվեց հազար սուր քաշող մարդ գտնուեցաւ, բացի Գաբաայի բնակիչներէն, որոնք եօթը հարիւր ընտիր մարդիկ էին։ Այս բոլոր ժողովուրդին մէջ եօթը հարիւր ընտրուած ահեկագործ մարդիկ կային, որոնց ամէնքն ալ պարսատիկով մազի վրայ քար կը նետէին առանց վրիպելու։ Իսրայէլի մարդիկն ալ համրուեցան ու Բենիամինէն զատ չորս հարիւր հազար սուր քաշող մարդ գտնուեցաւ, որոնց բոլորն ալ պատերազմող մարդիկ էին։ Գացին Բեթէլ։ Իսրայէլի որդիները Աստուծոյ հարցուցին ու ըսին. «Բենիամինին հետ պատերազմելու համար ո՞վ մեզի առաջնորդ ըլլայ»։ Տէրը ըսաւ. «Յուդան առաջնորդ թող ըլլայ»։ Իսրայէլի որդիները առաւօտուն ելան եւ Գաբաայի դիմաց բանակեցան։ Իսրայելացիները Բենիամինին հետ պատերազմ ընելու ելան եւ Գաբաայի քով անոնց դէմ շարուեցան պատերազմի համար։ Բենիամինին որդիները Գաբաայէն ելան եւ այն օրը Իսրայէլէն քսանըերկու հազար մարդ գետինը փռեցին։ Ժողովուրդը, այսինքն Իսրայելացիները, ուժովցան եւ նորէն գացին պատերազմելու համար շարուեցան նոյն տեղը, ուր առջի օր շարուեր էին։ (Ու Իսրայէլի որդիները ելան եւ Տէրոջը առջեւ մինչեւ իրիկուն լացին ու Տէրոջը հարցնելով՝ ըսին. «Մեր եղբօրը Բենիամինին հետ պատերազմելու համար նորէն ելլե՞նք»։ Տէրը ըսաւ. «Անոր դէմ ելէք»։) Երկրորդ օրը Իսրայէլի որդիները Բենիամինին որդիներուն մօտեցան։ Երկրորդ օրը Բենիամինեանները Գաբաայէն անոնց դէմ ելան պատերազմելու համար եւ Իսրայէլի որդիներէն նորէն տասնըութը հազար մարդ գետինը փռեցին։ Ամէնքն ալ սուր քաշող մարդիկ էին։ Այն ատեն բոլոր Իսրայէլի որդիները, այսինքն բոլոր ժողովուրդը, ելան Բեթէլ գացին ու հոն Տէրոջը առջեւ նստան լացին եւ այն օրը մինչեւ իրիկուն ծոմ պահեցին ու Տէրոջը առջեւ ողջակէզներ եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը հարցուցին. (ու այն օրերը Աստուծոյ ուխտին տապանակը հոն էր Եւ այն օրերը անոր առջեւ Ահարոնեան Եղիազարին որդին Փենէհէս կը կենար.) ու ըսին. «Մեր եղբօրը Բենիամինին որդիներուն հետ պատերազմելու համար նորէն անգամ մըն ալ ելլե՞նք, թէ ետ քաշուինք»։ Տէրը ըսաւ. «Ելէ՛ք, քանզի վաղը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի մատնեմ»։ Իսրայելացիները Գաբաայի շուրջը դարանակալներ դրին։ Եւ Իսրայէլի որդիները երրորդ օրը Բենիամինին որդիներուն վրայ գացին ու նախորդին պէս Գաբաայի դիմացը շարուեցան։ Այն ատեն Բենիամինին որդիները ժողովուրդին դէմ ելան եւ քաղաքէն զատուեցան ու նախորդին պէս սկսան ժողովուրդը զարնել ու երեսունի չափ Իսրայելացի մեռցուցին այն ճամբաներուն մէջ, որոնցմէ մէկը Բեթէլ կ’ելլէր ու միւսը՝ դաշտի Գաբաան։ Բենիամինին որդիները ըսին. «Ահա անոնք մեր առջեւ առաջին անգամներուն պէս կը կոտորուին»։ Իսրայէլի որդիները ըսին. «Փախչինք ու զանոնք քաղաքէն դուրս ճամբաները հանենք»։ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը իրենց տեղէն ելան ու Բաալթամարի առջեւ շարուեցան։ Իսրայէլի դարանակալները յանկարծ իրենց տեղէն, Գաբաայի դաշտէն, դուրս ելան։ Ու Գաբաայի առջեւ բոլոր Իսրայէլէն տասը հազար ընտրուած մարդ եկան եւ պատերազմը սաստկացաւ ու անոնք չէին գիտեր թէ իրենց վրայ չարիք հասեր է։ Եւ Տէրը Իսրայէլի առջեւ Բենիամինը զարկաւ ու այն օրը Իսրայէլի որդիները Բենիամինէն քսանըհինգ հազար հարիւր մարդ կոտորեցին։ Անոնց ամէնքն ալ սուր քաշող մարդիկ էին։ Բենիամինին որդիները իրենց յաղթուիլը տեսան։ Քանզի Իսրայելացիները Գաբաայի շուրջը դրած դարանակալներուն ապաւինելով՝ Բենիամինեաններուն տեղի տուին։ Եւ դարանակալները շուտով Գաբաայի վրայ յարձակեցան ու դարանակալները չորս կողմը տարածուեցան եւ բոլոր քաղաքը սուրի բերնէ անցուցին։ Իսրայելացիները դարանակալներուն հետ ժամանակ մը որոշեր էին, որպէս զի քաղաքէն մեծ կրակով ծուխ հանեն։ Այն ատեն Իսրայէլի մարդիկը պատերազմին մէջ փախուստ կեղծեցին ու Բենիամինեանները սկսան Իսրայելացիները զարնել ու երեսուն մարդու չափ մեռցուցին. քանզի ըսին թէ՝ ‘Անտարակոյս անոնք մեր առջեւ առաջին պատերազմին պէս պիտի կոտորուին’։ Բայց երբ քաղաքէն կրակին ծուխը սիւնի պէս բարձրանալ սկսաւ, Բենիամինեանները ետեւնին դառնալով՝ տեսան թէ քաղաքին հրդեհը երկինք կ’ելլէր։ Երբ Իսրայելացիները նորէն ետ դարձան, Բենիամինեանները ապշեցան մնացին, քանզի տեսան թէ չարիքը իրենց վրայ հասեր էր։ Ուստի անոնք Իսրայելացիներու առջեւէն դէպի անապատին ճամբան դարձան. բայց պատերազմը անոնց հասաւ ու քաղաքներէն ելլողները զանոնք մեռցուցին։ Ու այսպէս Բենիամինեանները պաշարեցին, զանոնք հալածեցին ու զանոնք դիւրութեամբ մինչեւ Գաբաայի դիմաց արեւելեան կողմը զարկին։ Բենիամինէն տասնըութը հազար մարդ ինկաւ։ Ամէնքն ալ զօրաւոր մարդիկ էին։ Մնացածները դարձան դէպի անապատը եւ Ռեմօնի վէմը փախան։ Անոնցմէ ճամբաներուն մէջ հինգ հազար մարդ ճռաքաղ եղան եւ զանոնք մինչեւ Գեդոմ հալածելով՝ անոնցմէ երկու հազար մարդ ալ զարկին։ Բենիամինէն այն օրը բոլոր ինկածները քսանըհինգ հազար սուր քաշող մարդ էին։ Անոնց ամէնքն ալ զօրաւոր մարդիկ էին։ Վեց հարիւր մարդ դարձան ու անապատը, Ռեմօնի վէմը, փախան ու հոն չորս ամիս կեցան։ Իսրայելացիները Բենիամինին որդիներուն դառնալով՝ զանոնք սուրի բերնէ անցուցին, քաղաքներուն մէջի մարդոցմէ մինչեւ անասունները ու ինչ որ գտնուեցաւ։ Բոլոր գտնուած քաղաքներն ալ կրակով այրեցին։ Իսրայէլի մարդիկը Մասփայի մէջ երդում ըրեր էին ու ըսեր էին թէ՝ ‘Մեզմէ բնաւ մարդ մը իր աղջիկը Բենիամինին կին ըլլալու պիտի չտայ’։ Ժողովուրդը Բեթէլ երթալով՝ հոն Աստուծոյ առջեւ մինչեւ իրիկուն նստան ու ձայներնին վերցնելով՝ մեծ լացով մը լացին Եւ ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլի Տէր Աստուած, ինչո՞ւ համար այս բանը Իսրայէլի մէջ պատահեցաւ, որ այսօր Իսրայէլէն ցեղ մը կը պակսի»։ Հետեւեալ օրը ժողովուրդը կանուխ ելաւ եւ հոն սեղան մը շինեցին ու ողջակէզներ եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։ Իսրայէլի որդիները ըսին. «Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ժողովուրդին հետ Տէրոջը առջեւ չելլողը ո՞վ կայ»։ Քանզի Տէրոջը առջեւ Մասփա չելլող մարդուն համար մեծ երդում ըրեր էին՝ ըսելով թէ՝ ‘Անիկա անպատճառ պիտի մեռնի’։ Այն ատեն Իսրայէլի որդիները իրենց եղբօրը Բենիամինին համար ցաւելով ըսին. «Այսօր Իսրայէլէն ցեղ մը բնաջինջ եղաւ։ Այս մնացածներուն ի՞նչ ընենք, որ անոնց կիներ առնենք. քանզի մենք Տէրոջը անունովը երդում ըրինք, որ մեր աղջիկներէն անոնց կին չտանք»։ Ու ըսին. «Իսրայէլի ցեղերէն ո՞րը Տէրոջը առջեւ Մասփա չելաւ»։ Ահա Գաղաադի Յաբիսէն բնաւ մարդ մը եկած չէր բանակը ու ժողովի։ Ժողովուրդը աչքէ անցուցին եւ ահա անոնց մէջ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներէն մարդ մը չգտնուեցաւ։ Այն ատեն ժողովը խիստ զօրաւորներէն տասներկու հազար մարդ ղրկեցին ու անոնց պատուիրելով՝ ըսին. «Գացէ՛ք եւ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչները սուրի բերնէ անցուցէ՛ք, կիներն ալ ու տղաքներն ալ»։ Եւ ահա ձեր ընելիքը. «Ամէն այր մարդ ու այր մարդու անկողին գիտցող ամէն կին կորսնցուցէ՛ք»։ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներուն մէջ չորս հարիւր կոյս աղջիկներ գտան, որոնք արուի հետ պառկած չէին ու այր մարդ չէին գիտեր։ Զանոնք Քանանի երկրին մէջ Սելովի բանակը տարին։ Ու բոլոր ժողովը մարդ ղրկելով, Ռեմօնի վէմը եղող Բենիամինի որդիներուն խօսեցան եւ զանոնք խաղաղութեան հրաւիրեցին։ Այն ատեն Բենիամինեանները դարձան եւ անոնց այն կիները տուին, որոնք Գաղաադի Յաբիսի կիներէն ողջ թողուցեր էին, բայց անոնց բաւական չեղան։ Ժողովուրդը Բենիամինին համար ցաւեցաւ. քանզի Տէրը Իսրայէլի ցեղերուն մէջ խրամատ մը բացաւ։ Ժողովին ծերերը ըսին. «Մնացածներուն ի՞նչպէս կին ճարենք. որովհետեւ Բենիամինի ցեղէն կիները կոտորուեցան»։ Եւ ըսին. «Ողջ մնացող Բենիամինեաններուն ժառանգութիւն թող մնայ, որպէս զի Իսրայէլէն ցեղ մը բնաջինջ չըլլայ։ Ու մենք անոնց մեր աղջիկներէն կին չենք կրնար տալ, քանզի Իսրայէլի որդիները երդում ընելով ըսին թէ՝ ‘Բենիամինին կին տուողը անիծեալ ըլլայ’։ Եւ ըսին. «Ահա տարուէ տարի Տէրոջը տօնախմբութիւն կ’ըլլայ Սելովի մէջ, այն տեղը ՝ որ Բեթէլի հիւսիսային կողմը ու Բեթէլէ Սիւքէմ ելլող ճամբուն արեւելեան կողմը, Ղեբօնայի հարաւային կողմը կ’իյնայ։ Բենիամինին որդիներուն պատուիրելով՝ ըսին. «Գացէ՛ք, այգիներուն մէջ պահուեցէ՛ք Ու երբ տեսնէք թէ Սելովի աղջիկները պար բռնելով խաղալու ելեր են, այն ատեն այգիներէն ելէ՛ք եւ ամէն մէկդ Սելովի աղջիկներէն ձեզի մէկմէկ կին յափշտակեցէ՛ք ու Բենիամինին երկիրը դարձէք։ Եթէ անոնց հայրերը կամ եղբայրները մեզի գալով՝ գանգատ ընեն, անոնց կ’ըսենք թէ ‘Մեր սիրոյն համար շնորհք ըրէք անոնց. քանզի մենք պատերազմին մէջ անոնց ամենուն մէկմէկ կին չպահեցինք’ ու հիմա դուք չտուիք անոնց որ յանցաւոր ըլլաք»։ Բենիամինին որդիները այնպէս ըրին ու իրենց թիւին չափ պար բռնողներէն կիներ յափշտակելով՝ առին ու գացին իրենց ժառանգութիւնը դարձան ու քաղաքներ շինեցին եւ անոնց մէջ բնակեցան։ Այն ատեն Իսրայէլի որդիները՝ ամէն մարդ՝ իր ցեղին ու իր ազգատոհմին գնաց։ Ամէն մարդ անկէ իր ժառանգութիւնը գնաց։ Այն օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար. ամէն մարդ իր աչքին հաճելի եղածը կ’ընէր։ Դատաւորներու կառավարութեան օրերը երկրին վրայ սով եղաւ։ Յուդայի Բեթլէհէմէն մարդ մը իր կնոջ ու երկու որդիներուն հետ Մովաբի երկիրը պանդխտանալու գնաց Եւ այն մարդուն անունը Ելիմելէք ու կնոջ անունը Նոեմի ու երկու որդիներուն անունները Մաալոն ու Քելլոն էին։ Անոնք Եփրաթացի էին Յուդայի Բեթլէհէմէն եւ Մովաբի երկիրը գացին, հոն բնակեցան։ Նոեմիին այրը Ելիմելէք մեռաւ ու Նոեմի իր երկու որդիներովը մնաց, Որոնք իրենց Մովաբացի կիներ առին։ Մէկուն անունը՝ Որփա ու միւսին անունը Հռութ էր։ Անոնք հոն տասը տարիի չափ նստան։ Մաալոն եւ Քելլոն երկուքն ալ մեռան։ Կինը իր երկու որդիներէն ու այրէն զուրկ մնաց։ Անիկա իր երկու հարսերովը ելաւ, որ Մովաբի երկրէն դառնայ, քանզի Մովաբի երկրին մէջ լսեր էր թէ Տէրը իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրեր է՝ անոնց հաց տալով։ Անիկա իր եղած տեղէն իր երկու հարսերուն հետ ելաւ եւ Յուդայի երկիրը դառնալու համար ճամբորդեց։ Նոեմի իր երկու հարսերուն ըսաւ. «Գացէ՛ք եւ ամէն մէկդ թող իր մօրը տունը դառնայ ու Տէրը ձեզի ողորմութիւն ընէ, ինչպէս դուք մեռածներուն ու ինծի ըրիք. Տէրը ձեզի տայ, որ ամէն մէկդ իր էրկանը տունը հանգստութիւն գտնէ»։ Զանոնք համբուրեց եւ անոնք ձայներնին վերցնելով լացին Ու անոր ըսին. «Մենք անպատճառ քեզի հետ քու ժողովուրդիդ պիտի դառնանք»։ Բայց Նոեմի ըսաւ. «Ո՛վ իմ աղջիկներս, ե՛տ դարձէք. ինչո՞ւ համար ինծի հետ պիտի երթաք. միթէ իմ արգանդիս մէջ ուրիշ տղաքներ կա՞ն, որ ձեզի այր ըլլան։ Ե՛տ դարձէք, իմ աղջիկներս ու գացէ՛ք. քանզի ես պառաւեր եմ ու նորէն պիտի չկարգուիմ։ Եթէ յոյս ունենալով՝ այս գիշեր կարգուելու ըլլայի ու տղաքներ ալ ծնանէի, Դուք մինչեւ անոնց մեծնալը պիտի սպասէի՞ք եւ դուք ասոր համար պիտի չկարգուէի՞ք ու այսպէ՞ս պիտի մնայիք։ Ո՛չ, աղջիկներս, քանզի ձեզի համար շատ՝ ՝ կը ցաւիմ. որովհետեւ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս ծանրացաւ»։ Ու անոնք նորէն ձայներնին վերցնելով լացին։ Եւ Որփա իր կեսուրը համբուրեց, բայց Հռութ անկէ չզատուեցաւ։ Սակայն Նոեմի ըսաւ. «Ահա քու ներդ իր ժողովուրդին ու իր աստուածներուն դարձաւ. դուն ալ ներոջդ ետեւէն դարձիր»։ Բայց Հռութ ըսաւ. «Զիս մի՛ համոզեր, որ քեզ թողում եւ քեզմէ հեռանամ, քանզի ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ եւ ո՛ւր որ մնաս՝ հոն պիտի մնամ։ Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ։ Ո՛ւր որ մեռնիս՝ ես ալ հոն պիտի մեռնիմ ու հոն թաղուիմ. Տէրը ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ զիս քեզմէ մահուանէ զատ ուրիշ բան մը զատէ»։ Երբ Նոեմի տեսաւ, որ անիկա միտքը դրեր է իրեն հետ երթալ, ա՛լ չխօսեցաւ անոր։ Երկուքը մէկտեղ գացին, մինչեւ որ Բեթլէհէմ հասան։ Երբ Բեթլէհէմ մտան, իրենց պատճառով բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու կ’ըսէին. «Արդեօք Նոեմին ասիկա՞ է»։ Անիկա անոնց ըսաւ. «Զիս Նոեմի մի կոչէք, զիս Մարա կոչեցէք. քանզի Ամենակարողը դառնութեամբ լեցուց զիս։ Ես լեցուն գացի ու Տէրը զիս պարապ դարձուց։ Ինչո՞ւ զիս Նոեմի կը կոչէք. քանզի Տէրը ինծի դէմ վկայութիւն տուաւ՝ ՝ ու Ամենակարողը զիս վշտացուց»։ Այսպէս Նոեմի իր հարսին, Մովաբացի Հռութին հետ Մովաբի երկրէն ետ դարձաւ ու գարիի հունձքին սկիզբը Բեթլէհէմ հասան։ Նոեմի՝ իր էրկանը կողմանէ՝ ազգական մը ունէր։ Անիկա Ելիմելէքի ազգատոհմէն էր ու շատ հարուստ մարդ մըն էր։ Անոր անունը Բոոս էր։ Մովաբացի Հռութ Նոեմիին ըսաւ. «Արտերը երթամ եւ որուն աչքին առջեւ ողորմութիւն գտնելու ըլլամ, անոր ետեւէն երթամ ու հասկեր ժողվեմ»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Գնա՛, աղջիկս»։ Հռութ գնաց եւ արտի մը մէջ մտնելով հնձողներուն ետեւէն հասկ կը ժողվէր։ Այնպէս պատահեցաւ, որ անիկա Ելիմելէքի ազգատոհմէն եղող Բոոսի արտին մէջ մտած էր։ Բոոս Բեթլէհէմէն եկաւ ու հնձողներուն ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ ըլլայ»։ Անոնք ըսին. «Տէրը քեզ օրհնէ»։ Բոոս հնձողներուն վրայ կեցող իր մանչուն ըսաւ. «Այս աղջիկը որո՞ւնն է»։ Հնձողներուն վերակացու մանչը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Նոեմիին հետ Մովաբի երկրէն դարձող Մովաբացի աղջիկն է, Որ մեզի ըսաւ. ‘Կ’աղաչեմ, որաներուն մէջ հնձողներուն ետեւէն հասկ քաղեմ ու ժողվեմ’։ Անիկա առտուն կանուխ եկաւ ու մինչեւ հիմա կեցաւ, միայն հիմա՛ քիչ մը նստաւ»։ Բոոս ըսաւ Հռութին. «Մտի՛կ ըրէ, աղջի՛կս, հասկ հաւաքելու համար ուրիշին արտը մի՛ երթար ու այս տեղէն ալ մի՛ զատուիր, հապա հոս իմ աղջիկներուս քով կեցիր. Քու աչքերդ անոնց հնձած արտին վրայ ըլլան ու անոնց ետեւէն գնա։ Ես մանչերուն ապսպրեր եմ, որ քեզի չդպչին։ Երբ ծարաւիս՝ ամաններուն քով գնա ու մանչերուն քաշած ջուրէն խմէ»։ Եւ Հռութ երեսին վրայ ինկաւ ու գետնէն երկրպագութիւն ընելով՝ անոր ըսաւ. «Ինչպէ՞ս ես քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ ու դուն ինծի հետ ծանօթացար, որովհետեւ ես օտար կին մըն եմ»։ Եւ Բոոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Քու էրկանդ մեռնելէն ետքը դուն քու կեսրոջդ ինչ որ ըրիր՝ բոլորն ալ պատմեցին ինծի եւ թէ ի՞նչպէս քու հայրդ ու մայրդ եւ ծննդեանդ երկիրը թողուցիր ու եկար այն ժողովուրդին՝ որ նախապէս չէիր ճանչնար։ Քու գործիդ փոխարէն Տէրը հատուցում թող ընէ եւ քու վարձքդ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն կողմանէ առատապէս թող տրուի, քանզի դուն եկար որպէս զի անոր թեւերուն տակ ապաստանարան մը գտնես»։ Հռութ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ. քանզի դուն զիս մխիթարեցիր ու քու աղախինիդ քաղցրութեամբ խօսեցար, թէպէտեւ ես քու աղախիններէդ մէկուն պէս ալ չեմ»։ Եւ Բոոս կերակուրի ատեն անոր ըսաւ. «Հո՛ս եկուր ու հացէն կեր եւ պատառդ քացախին մէջ թաթխէ»։ Ուստի անիկա հնձողներուն քով նստաւ։ Անոր բոհրած ցորեն տուին։ Ան ալ կերաւ կշտացաւ եւ աւելցածը պահեց։ Երբ հասկ հաւաքելու ելաւ, Բոոս իր մանչերուն պատուիրելով՝ ըսաւ. «Թող որաներուն մէջէն ալ հաւաքէ ու զանիկա մի՛ ամչցնէք։ Խուրձերէն ալ անոր համար գետինը ձգեցէք ու թող տուէք որ հաւաքէ եւ զանիկա մի՛ յանդիմանէք»։ Անիկա մինչեւ իրիկուն այն արտին մէջ մնալով հասկեր հաւաքեց ու երբ հաւաքուածը ծեծեց, մէկ արդուի չափ գարի եղաւ։ Եւ զանիկա առաւ ու քաղաքը մտաւ եւ կեսուրը անոր հաւաքածը տեսաւ։ Հռութ հանեց իր կշտացածէն աւելցածը անոր տուաւ։ Կեսուրը անոր ըսաւ. «Այսօր ուրկէ՞ հասկ հաւաքեցիր եւ ո՞ւր բանեցար. քեզի ճանչուորութիւն ընողը օրհնեալ ըլլայ»։ Այն ատեն անիկա իր կեսրոջ իմացուց թէ որո՛ւ քով բաներ է ու ըսաւ. «Այն մարդը, որուն քով ես այսօր բանեցայ, Բոոս կը կոչուի»։ Նոեմի իր հարսին ըսաւ. «Անիկա Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլայ, որ կենդանիներէն ու մեռածներէն իր ողորմութիւնը չկտրեց»։ Նոեմի անոր ըսաւ. «Այն մարդը մեր ազգատոհմէն է, անիկա մօտ ազգական է մեզի»։ Մովաբացի Հռութ ըսաւ. «Անիկա նաեւ ինծի ըսաւ թէ՝ ‘Իմ մանչերուս քովէն մի՛ զատուիր, մինչեւ որ անոնք իմ բոլոր հունձքս լմնցնեն’»։ Նոեմի իր հարսին Հռութին ըսաւ. «Աղէկ է, աղջի՛կս, որ դուն անոր աղջիկներուն հետ դուրս ելլես ու քեզ ուրիշ արտի մէջ թող չտեսնեն»։ Անիկա Բոոսի աղջիկներէն չզատուեցաւ ու մինչեւ գարիին հունձքին եւ ցորենին հունձքին լմննալը հասկ հաւաքեց ու իր կեսրոջ քով կը բնակէր։ Հռութին կեսուրը՝ Նոեմի՝ անոր ըսաւ. «Աղջի՛կս, քեզի տուն մը չփնտռե՞մ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։ Հիմա Բոոս մեր ազգականը չէ՞, որուն աղջիկներուն քով կեցար դուն. ահա անիկա այս գիշեր կալին մէջ գարին պիտի հոսէ։ Դուն լուացուէ՛ ու իւղով օծուէ՛ եւ լաթերդ հագի՛ր ու կալը իջի՛ր եւ մինչեւ որ ուտելն ու խմելը չլմնցնէ, այն մարդուն մի՛ յայտնուիր։ Երբ քնանայ, անոր պառկած տեղը իմացիր եւ գնա անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բաց ու պառկէ եւ անիկա քեզի պիտի իմացնէ թէ ի՞նչ ընելու ես»։ Ու Հռութ անոր ըսաւ. «Ամէն ինծի ապսպրածներդ պիտի ընեմ»։ Կալը իջաւ ու կեսրոջը ապսպրածին պէս ըրաւ։ Բոոս ուտելէն, խմելէն ու սիրտը զուարճանալէն ետքը՝ դիզուած գարիին եզերքը պառկելու գնաց։ Հռութ ալ կամացուկ մը գնաց ու անոր ոտքերուն կողմէն ծածկոցը բացաւ եւ պառկեցաւ։ Կէս գիշերին մարդը վախցաւ ու ծռելով տեսաւ որ ահա իր ոտքերուն քով կին մը պառկեր էր, ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես քու աղախինդ Հռութն եմ եւ քու քղանցքդ քու աղախինիդ վրայ տարածէ, քանզի դուն մօտ ազգականս ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաս, աղջիկս. քու վերջի աղէկութիւնդ առաջուանէն մեծ է, որովհետեւ աղքատ կամ հարուստ երիտասարդներու ետեւէն չգացիր։ Հիմա, ո՛վ աղջիկս, մի՛ վախնար, դուն ինծի ինչ որ ըսես, պիտի ընեմ. քանզի իմ քաղաքիս բոլոր ժողովուրդը՝ ՝ գիտէ որ դուն առաքինի կին մըն ես։ Իրաւցընէ ես քու ազգականդ եմ, բայց ինծմէ աւելի մօտ ուրիշ ազգական մըն ալ կայ։ Այս գիշեր հոս կեցիր ու եթէ անիկա առաւօտուն իր ազգականութեան պարտաւորութիւնը քեզի հատուցանել ուզէ, աղէ՛կ, թո՛ղ հատուցանէ. բայց եթէ անիկա ազգականութեան պարտաւորութիւնը քեզի հատուցանել չուզէ, այն ատեն ես կը հատուցանեմ։ Կենդանի է Տէրը՝ մինչեւ առաւօտ հոս պառկէ »։ Ուստի մինչեւ առաւօտ անոր ոտքերուն քով պառկեցաւ ու մութին, երբ մարդիկ դեռ չէին կրնար մէկզմէկ ճանչնալ, ելաւ եւ Բոոս ըսաւ. «Մարդ թող չգիտնայ թէ կալին մէջ կին մտեր է»։ Նաեւ ըսաւ. «Վրայի ծածկոցդ բեր ու զանիկա բռնէ»։ Հռութ զանիկա բռնեց ու անոր վեց չափ գարի չափեց ու անոր վրայ դրաւ։ Անիկա քաղաք գնաց։ Ու Հռութ իր կեսրոջ քով գնաց, որ իրեն ըսաւ. «Ո՛վ աղջիկս, ի՞նչպէս ես»։ Անիկա անոր պատմեց ինչ որ այն մարդը ըրաւ իրեն։ Եւ ըսաւ. «Ինծի այս վեց չափ գարին տուաւ՝ ըսելով. ‘Քու կեսրոջդ պարապ մի՛ երթար’»։ Եւ Նոեմի ըսաւ. «Աղջի՛կս, նստէ՛, մինչեւ որ գիտնաս թէ այս գործը ի՛նչպէս պիտի լմննայ. քանզի այն մարդը մինչեւ որ այս գործը այսօր չլմնցնէ, չի հանգստանար»։ Բոոս դուռը ելաւ ու հոն նստաւ։ Քիչ վերջ Բոոսի յիշած ազգականը կ’անցնէր։ Բոոս անունովը կանչեց զանիկա ու ըսաւ. «Եկո՛ւր, հոս նստէ՛»։ Անիկա դարձաւ ու նստաւ։ Այն ատեն անիկա քաղաքին ծերերէն տասը մարդ առաւ ու անոնց ըսաւ. «Այստեղ նստեցէք»։ Անոնք նստան։ Ետքը այն ազգականին ըսաւ. «Մովաբի երկրէն դարձող Նոեմին մեր եղբօրը Ելիմելէքի արտին բաժինը ծախելու վրայ է։ Ես մտածեցի, որ քեզի իմացնեմ ու ըսեմ. ‘Զանիկա այս նստողներուն առջեւ ու իմ ժողովուրդիս ծերերուն առջեւ ծախու ա՛ռ։ Եթէ ազգականութեան իրաւունքով զանիկա ծախու առնել կ’ուզես, ծախու ա՛ռ. բայց եթէ ծախու առնել չես ուզեր, ինծի իմացուր որպէս զի գիտնամ, քանզի քեզմէ զատ ազգականութեան իրաւունքը կատարելու մէկը չկայ։ Քեզմէ ետքը ես եմ’»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ազգականութեան իրաւունքը կը կատարեմ»։ Ու Բոոս ըսաւ. «Դուն Նոեմիի ձեռքէն արտը ծախու առած օրդ՝ մեռնողին կնոջմէն, Մովաբացի Հռութն ալ ծախու առնելու ես, որպէս զի մեռնողին անունը պահես իր ժառանգութեանը մէջ»։ Եւ ազգականը ըսաւ. «Ես իմ ազգականութեանս իրաւունքը չեմ կրնար կատարել, չըլլայ որ իմ ժառանգութիւնս աւրեմ։ Իմ ունեցած ազգականութեան իրաւունքս դուն կատարէ, քանզի ես չեմ կրնար կատարել»։ Առաջ Իսրայէլի մէջ այս սովորութիւնը կար։ Փրկելու ու ծախու առնելու գործերուն մէջ՝ ամէն բան հաստատելու համար, մարդը իր կօշիկը կը հանէր ու իր ընկերին կու տար։ Ասիկա Իսրայէլի մէջ վկայութիւն կ’ըլլար։ Ուստի ազգականը Բոոսին ըսաւ. «Դուն ծախու առ» ու իր կօշիկը հանեց։ Բոոս ծերերուն ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք այսօր վկայ էք, որ ես Ելիմելէքի բոլոր ստացուածքը ու Քելլոնի եւ Մաալոնի բոլոր ստացուածքը Նոեմիին ձեռքէն ծախու առի։ Ու Մաալոնի կինը, Մովաբացի Հռութն ալ ինծի կին առի, որպէս զի մեռնողին անունը իր եղբայրներէն ու իր բնակարանին դռնէն չվերնայ. դուք այս բանին համար այսօր վկայ էք»։ Այն ատեն դուռը եղող բոլոր ժողովուրդը ու ծերերը ըսին. «Վկայ ենք։ Տէրը քու տունդ մտնող կինը Ռաքէլին եւ Լիային պէս ընէ, որոնք երկուքը Իսրայէլի տունը շինեցին։ Դուն Եփրաթայի մէջ զօրացի՛ր ու Բեթլէհէմի մէջ անուն վաստկէ՛։ Ու քու տունդ Փարէսի տանը պէս ըլլայ, որ Թամար ծնաւ Յուդային, այն սերունդով՝ որ Տէրը պիտի տայ քեզի այս նորահասակ կնոջմէն»։ Բոոս Հռութը առաւ, որ իրեն կին եղաւ ու անոր մտաւ։ Տէրոջը ողորմութիւնովը յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ Կիները Նոեմիին ըսին. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ այսօր քեզ առանց մօտ ազգականի չթողուց, որպէս զի անոր անունը Իսրայէլի մէջ յիշուի։ Ասիկա քու հոգիիդ մխիթարութիւնը, ծերութեանդ գաւազանը թող ըլլայ. քանզի զանիկա քեզ սիրող հարսդ ծնաւ, որ քեզի եօթը որդիէ աղէկ է»։ Ու Նոեմի տղան առաւ՝ իր գիրկը դրաւ եւ անոր դայեակը եղաւ։ Դրացի կիները անոր անուն դրին՝ ըսելով. «Նոեմիին որդի մը ծնաւ» եւ անոր անունը Ովբէդ կոչեցին։ Ասիկա Դաւիթի հօրը Յեսսէի հայրն էր։ Եւ Փարէսի ծնունդները ասոնք են։ Փարէս ծնաւ Եսրոնը Ու Եսրոն ծնաւ Արամը եւ Արամ՝ ՝ ծնաւ Ամինադաբը Ու Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը եւ Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը Ու Սաղմոն ծնաւ Բոոսը եւ Բոոս ծնաւ Ովբէդը Ու Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն եւ Յեսսէ ծնաւ Դաւիթը։ Եփրեմի լեռնէն Արիմաթէմ-Սօփիմէ Եղկանա անունով Եփրաթացի մարդ մը կար, որ Սուփիի որդիին Թովայի որդիին Եղիուսի որդիին Յերոամի որդին էր։ Անիկա երկու կին ունէր, մէկուն անունը՝ Աննա ու միւսին անունը Փենանա էր։ Փենանա զաւակներ ունէր, բայց Աննա զաւակ չունէր։ Այն մարդը տարուէ տարի իր քաղաքէն կ’ելլէր, որպէս զի Սելովի մէջ զօրութիւններու Տէրոջը երկրպագութիւն ու զոհ մատուցանէ։ Հոն Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ Տէրոջը քահանաներն էին։ Եղկանա իր զոհ մատուցած օրը իր կնոջ Փենանային եւ անոր տղաքներուն ու աղջիկներուն մէկմէկ բաժին տուաւ, Իսկ Աննային կրկին բաժին տուաւ, քանզի անիկա Աննան կը սիրէր. բայց Տէրը անոր արգանդը գոցեր էր։ Անոր նախանձորդը՝ Փենանա ՝ զանիկա կսկծեցնելու համար խիստ վշտացուց, որովհետեւ Տէրը անոր արգանդը գոցեր էր։ Եւ Աննա ամէն տարի՝ Տէրոջը տունը ելած ատենը՝ Եղկանա այնպէս կ’ընէր. Փենանա ալ նոյնպէս Աննան կը վշտացնէր ու անիկա կու լար եւ չէր ուտեր։ Այրը՝ Եղկանա՝ անոր ըսաւ. «Աննա՛, ինչո՞ւ կու լաս եւ ինչո՞ւ չես ուտեր ու ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս տրտում է. միթէ ես քեզի տասը որդիէ աւելի լաւ չե՞մ»։ Աննա Սելովի մէջ ուտելէն ու խմելէն ետքը ոտքի ելաւ. (Հեղի քահանան Տէրոջը տաճարին սեմերուն քով աթոռի մը վրայ նստեր էր.) Եւ տրտմալից հոգիով Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու խիստ շատ լացաւ։ Ուխտ ընելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր զօրութեան, եթէ քու աղախինիդ նեղութեանը նայիս ու զիս յիշես եւ քու աղախինդ չմոռնալով՝ քու աղախինիդ արու զաւակ մը՝ ՝ տաս, զանիկա Տէրոջը պիտի նուիրեմ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ու անոր գլխուն վրայ ածելի պիտի չզարնուի»։ Երբ անիկա Տէրոջը առջեւ իր աղօթքը երկնցուց, Հեղի անոր բերնին կը նայէր։ Աննա իր սրտին մէջէն կը խօսէր, միայն շրթունքները կը շարժէին, բայց ձայնը չէր լսուեր. անոր համար Հեղի զանիկա գինով կարծեց։ Եւ Հեղի անոր ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ գինովութիւն պիտի ընես. քու գինիէդ հրաժարէ՛»։ Աննա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ. այդպէս չէ. ես վշտացած սրտով կին մըն եմ եւ գինի կամ օղի չեմ խմած. սակայն Տէրոջը առջեւ իմ սիրտս բացի՝ ՝։ Քու աղախինդ չար կին մը մի՛ կարծեր, քանզի իմ վշտերուս ու նեղութեանս շատութեանը համար մինչեւ հիմա խօսեցայ»։ Այն ատեն Հեղի պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ ու Իսրայէլի Աստուածը քու խնդրուածքդ քեզի տայ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցիր»։ Աննա ըսաւ. «Քու աղախինդ թող քու առջեւդ շնորհք գտնէ» եւ իր ճամբան գնաց ու կերաւ ու երեսը անգամ մըն ալ չտրտմեցաւ։ Անոնք առաւօտուն կանուխ ելան ու Տէրոջը առջեւ երկրպագութիւն ըրին եւ Ռամա դարձան ու իրենց տունը գացին։ Եղկանա իր Աննա կնոջ մօտեցաւ եւ Տէրը զանիկա յիշեց։ Աննա յղացաւ եւ երբ ժամանակը հասաւ, տղայ մը ծնաւ։ Անոր անունը Սամուէլ կոչեց՝ ըսելով. «Քանզի զանիկա Տէրոջմէն խնդրեցի»։ Եւ անոր այրը Եղկանա իր բոլոր ընտանիքովը Սելով ելաւ, որպէս զի Տէրոջը առջեւ տարեկան զոհը մատուցանէ ու իր ուխտը կատարէ ։ Բայց Աննա չգնաց, քանզի իր էրկանը ըսաւ. «Մինչեւ տղուն կաթէ կտրուիլը պիտի նստիմ. ետքը զանիկա պիտի տանիմ, որպէս զի Տէրոջը առջեւ երեւնայ ու միշտ հոն մնայ»։ Եւ այրը Եղկանա անոր ըսաւ. «Աչքերուդ հաճելի եղածը ըրէ՛. մինչեւ զանիկա կաթէն կտրես՝ նստէ՛. միայն թէ Տէրը իր խօսքը հաստատէ»։ Ուստի կինը նստաւ ու մինչեւ իր տղան կաթէն կտրելը զանիկա կը սնուցանէր։ Զանիկա կաթէն կտրածին պէս տղուն հետ առաւ երեք զուարակ, մէկ արդու ալիւր ու մէկ տիկ գինի եւ Տէրոջը տունը տարաւ, որ Սելովի մէջ էր, թէեւ տղան դեռ փոքրիկ էր։ Եւ մէկ զուարակը մորթեցին ու տղան Հեղիին տարին։ Եւ Աննա ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, քու անձդ կենդանի է. ես այն կինն եմ, որ հոս քու քովդ կայնեցայ Տէրոջը աղօթք ընելու համար։ Ես այս տղուն համար աղօթք ըրի ու Տէրը իմ խնդրուածքս ինծի տուաւ՝ ինչ որ անկէ խնդրեցի։ Հիմա ալ զանիկա Տէրոջը կը նուիրեմ. անիկա իր բոլոր կեանքին մէջ Տէրոջը փոխ տրուած ըլլայ»։ Ու հոն Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ։ Աննա աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Իմ սիրտս Տէրոջմով ուրախացաւ, Իմ եղջիւրս Տէրոջմով բարձրացաւ. Բերանս իմ թշնամիներուս վրայ բացուեցաւ, Քանզի քու փրկութիւնովդ ուրախացայ։ Տէրոջը պէս սուրբ չկայ, քանզի քեզմէ զատ ուրիշ մը չկայ, Ու մեր Աստուծոյն պէս վէմ չկայ։ Ալ ասկէ յետոյ հպարտութիւնով մի՛ պարծենաք, Ու ձեր բերնէն ամբարտաւանութիւն թող չելլէ։ Քանզի Տէրը գիտութեան Աստուածն է Ու անիկա ամենուն գործը կը կշռէ։ Զօրաւորներուն աղեղները կոտրեցան Ու տկարները ոյժ հագան։ Կուշտ եղողները հացի համար վարձկան եղան Եւ անօթի եղողները կշտացան ու աշխատանքը թողուցին, Ամուլը եօթը զաւակ ծնաւ Ու շատ զաւակ ունեցողը տկարացաւ։ Մեռցնողն ու կենդանացնողը, Գերեզմանը իջեցնողն ու վեր հանողը Տէրն է։ Աղքատացնողն ու հարստացնողը, Ցածցնողն ու բարձրացնողը Տէրն է։ Անիկա աղքատը փոշիէն կը վերցնէ Ու կարօտը աղբիւսէն կը հանէ, Որպէս զի իշխաններուն հետ նստեցնէ Ու փառքի աթոռը անոնց ժառանգութիւն տայ. Քանզի երկրի հիմերը Տէրոջն են Ու աշխարհը անոնց վրայ հաստատեց։ Անիկա իր սուրբերուն ոտքերը կը պահէ Ու չարագործները մութին մէջ պիտի կորսուին. Քանզի մարդ իր ուժովը չի կրնար յաղթել։ Տէրոջը դէմ հակառակողները պիտի կոտորուին, Երկնքէն անոնց վրայ պիտի որոտայ. Տէրը երկրի ծայրերը պիտի դատէ, Իր թագաւորին ոյժ պիտի տայ Ու իր օծեալին եղջիւրը պիտի բարձրացնէ»։ Ու Եղկանա Ռամա իր տունը գնաց եւ Սամուէլ մանուկը Հեղի քահանային առջեւ Տէրոջը ծառայութիւն կ’ընէր։ Հեղիին որդիները չար մարդիկ ըլլալով՝ Տէրը չէին ճանչնար։ Քահանաներուն սովորութիւնը այս էր, որ երբ ժողովուրդէն մէկը զոհ մատուցանէր, միսին եփած ատենը քահանային սպասաւորը ձեռքը երեքժանի մսահան մը առած կու գար Ու զանիկա կաթսային կամ սանին կամ եփարանին կամ պտուկին մէջ կը խոթէր ու մսահանը ինչ որ հանելու ըլլար, քահանան զանիկա իրեն կ’առնէր։ Անոնք Սելովի մէջ բոլոր հոն եկող Իսրայելացիներուն այսպէս կ’ընէին։ Նաեւ ճարպը այրելէ առաջ քահանային սպասաւորը կու գար ու զոհ ընող մարդուն կ’ըսէր. «Քահանային համար խորովելու միս տուր, քանզի անիկա քեզմէ եփած միս չառներ, այլ հում միս կ’ուզէ »։ Եւ այն մարդը, երբ ըսէր թէ «Թող հիմա ճարպը այրեն ու ետքը սրտիդ ուզածին չափ առ», այն ատեն կ’ըսէր. «Ո՛չ, հիմա տուր. եթէ ոչ՝ բռնի կ’առնեմ»։ Այսպէս այն երիտասարդներուն մեղքը Տէրոջը առջեւ շատ մեծ էր, քանզի մարդիկ Տէրոջը զոհը կ’արհամարհէին։ Սամուէլ մանուկը քթանէ եփուտը հագած՝ Տէրոջը առջեւ ծառայութիւն կ’ընէր։ Ու անոր մայրը մէկմէկ պզտիկ պատմուճան կը շինէր անոր ու ամէն տարի երբ իր էրկանը հետ տարեկան զոհը ընելու կ’ըլլէր, անոր կը տանէր։ Եւ Հեղի Եղկանան ու անոր կինը օրհնելով՝ ըսաւ. «Տէրը քեզի այս կնոջմէն զաւակներ տայ, Տէրոջը փոխ տրուած տղուն տեղ» ու անոնք իրենց տեղը գացին։ Եւ Տէրը այցելութիւն ըրաւ Աննային, որ յղացաւ ու երեք տղայ ու երկու աղջիկ ծնաւ։ Սամուէլ մանուկն ալ Տէրոջը առջեւ մեծցաւ։ Եւ Հեղի խիստ ծերացեր էր ու անոր որդիները ինչ որ կ’ընէին բոլոր Իսրայէլի եւ ի՛նչպէս անոնք վկայութեան խորանին առջեւ խումբերով հաւաքուած կիներուն հետ կը պառկէին, բոլորն ալ կը լսէր։ Անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար այսպիսի բաներ կ’ընէք. քանզի ես այս բոլոր ժողովուրդին բերնէն ձեզի համար գէշ խօսքեր կը լսեմ։ Մի՛ ընէք, տղա՛քս, քանզի աղէկ չեն այն լուրերը, որոնք ես կը լսեմ. դուք Տէրոջը ժողովուրդը կը մոլորեցնէք։ Եթէ մարդ մը մարդու դէմ մեղք գործէ, անոր դատաստանը Աստուած կը կտրէ՝ ՝. բայց եթէ մարդ մը Տէրոջը դէմ մեղք գործէ, անոր համար ո՞վ աղաչանք պիտի ընէ»։ Սակայն անոնք իրենց հօրը խօսքին մտիկ չէին ըներ, ուստի Տէրը զանոնք մեռցնել կ’ուզէր։ Սամուէլ մանուկը օրէ օր կը մեծնար եւ Տէրոջը ու մարդոց հաճոյ էր։ Աստուծոյ մարդը Հեղիին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ ‘Քու հօրդ տանը յայտնապէս երեւցայ, երբ անոնք Եգիպտոսի մէջ Փարաւոնին տանը ծառայ էին Ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն զանիկա ինծի քահանայ ընտրեցի, որպէս զի իմ սեղանիս վրայ զոհ մատուցանէ, խունկ ծխէ ու իմ առջեւս եփուտ հագնի։ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր պատարագները քու հօրդ տանը տուի։ Իմ տանս համար պատուիրած զոհերս ու ընծաներս ինչո՞ւ կ’անարգես եւ քու որդիներդ ինծմէ աւելի կը փառաւորես, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի ընտիր զոհերովը ձեզ գիրցնէք’։ Ասոր համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Իրաւցընէ ըսեր էի որ քու քու տունդ ու քու հօրդ տունը իմ առջեւս յաւիտեան պտըտին’, բայց Տէրը կ’ըսէ. ‘Քա՜ւ լիցի, քանզի ես զիս փառաւորողները պիտի փառաւորեմ ու զիս արհամարհողները պիտի անարգուին։ Ահա օրեր պիտի գան, որ քու թեւդ ու քու հօրդ տանը թեւը պիտի կտրեմ, որպէս զի քու տանդ մէջ ծեր չգտնուի։ Եւ Իսրայէլի ամէն տեսակ բարութիւն վայելած ատենը, դուն իմ տանս մէջ դժբաղդութիւն պիտի տեսնես ու քու տանդ մէջ բնաւ ծեր պիտի չգտնուի։ Եւ քու սերունդէդ մնացած մարդը, որ իմ սեղանէս չեմ կտրեր, քու աչքերդ նուաղեցնելու ու քու սիրտդ վշտացնելու համար պիտի մնայ եւ քու տանդ բոլոր զաւակները երիտասարդութեան մէջ՝ ՝ պիտի մեռնին։ Ու քու երկու որդիներուդ՝ Ոփնիին ու Փենէհէսին՝ գլուխը գալիքը քեզի նշան ըլլայ, այսինքն երկուքն ալ մէկ օրուան մէջ պիտի մեռնին։ Ինծի հաւատարիմ քահանայ մը պիտի հանեմ, որ բոլոր իմ սրտիս եւ հոգիիս մէջ եղածը կատարէ։ Անոր հաւատարիմ տուն մը պիտի շինեմ ու միշտ իմ օծեալիս առջեւ պիտի պտըտի։ Քու տունէդ ով որ մնայ, կտոր մը արծաթի համար ու նկանակ մը հացի համար պիտի գայ անոր երկրպագութիւն ընէ՛։ Ան պիտի ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, զիս քահանայական պաշտօնի մը վրայ դիր, որպէս զի պատառ մը հաց ուտեմ’»։ Սամուէլ մանուկը Հեղիին առջեւ Տէրոջը ծառայութիւն կ’ընէր։ Այն օրերը Տէրոջը խօսքը հազուագիւտ էր ու յայտնի տեսիլք չկար։ Օր մը՝ ՝ Հեղի իր տեղը պառկեր էր (անոր աչքերը սկսեր էին ծանրանալ ու չէր կրնար տեսնել) Եւ Աստուծոյ կանթեղը տակաւին մարած չէր ու Սամուէլ Տէրոջը տաճարին մէջ կը քնանար, ուր Աստուծոյ տապանակը կար։ Տէրը կանչեց Սամուէլը ու անիկա «Հոս եմ», ըսաւ Եւ Հեղիին վազելով՝ ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Ես չկանչեցի. դարձի՛ր պառկէ»։ Ան ալ դարձաւ պառկեցաւ։ Տէրը անգամ մըն ալ կանչեց. «Ո՛վ Սամուէլ» ու Սամուէլ ելաւ Հեղիին գնաց ու ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, ես չկանչեցի. դարձի՛ր պառկէ»։ Եւ Սամուէլ տակաւին Տէրոջը ձայնը չէր ճանչնար ու Տէրոջը խօսքը դեռ անոր յայտնուած չէր։ Նորէն երրորդ անգամ Տէրը կանչեց. «Ո՛վ Սամուէլ» ու Սամուէլ ելաւ Հեղիին գնաց ու ըսաւ. «Ահա հոս եմ. քանզի զիս կանչեցիր»։ Հեղի իմացաւ թէ Տէրն է մանուկը կանչողը Ուստի Սամուէլին ըսաւ. «Գնա՛ պառկէ ու եթէ անգամ մըն ալ քեզ կանչէ, ըսէ՛՝ ‘Ո՛վ Տէր, խօսէ՛, քանզի քու ծառադ մտիկ կ’ընէ’»։ Սամուէլ գնաց իր տեղը պառկեցաւ։ Տէրը եկաւ կայնեցաւ ու առաջին անգամներուն պէս՝ «Սամուէ՛լ, Սամուէ՛լ», կանչեց ու Սամուէլ ըսաւ. «Խօսէ, Տէ՛ր, քանզի քու ծառադ մտիկ կ’ընէ»։ Այն ատեն Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Ահա ես Իսրայէլի մէջ այնպիսի բան մը պիտի ընեմ, որ զանիկա ամէն լսողին երկու ականջները պիտի խօսին։ Այն օրը Հեղիին վրայ պիտի կատարեմ ամէն ինչ որ անոր տանը համար ըսեր եմ։ Պիտի սկսիմ ու լմնցնեմ։ Ես իրեն իմացուցեր եմ թէ իր տունը պիտի դատեմ մինչեւ յաւիտեան, իր գիտցած անօրէնութեանը համար. քանզի անոր որդիները իրենց վրայ անէծք բերին ու անիկա չյանդիմանեց զանոնք։ Այս պատճառով Հեղիի տանը անօրէնութեանը՝ զոհերով ու ընծաներով յաւիտեան քաւութիւն չըլլայ»։ Սամուէլ մինչեւ առտու պառկեցաւ։ Առտուն Տէրոջը տանը դռները բացաւ. Սամուէլ վախցաւ այն տեսիլքը Հեղիին պատմելէ։ Բայց Հեղի Սամուէլը կանչեց ու ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Սամուէլ» ու անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Եւ Հեղի ըսաւ. «Քեզի ըսած խօսքը ի՞նչ է. ինծմէ մի՛ պահեր. Աստուած քեզի այդպէս ու անկէ աւելին ընէ, եթէ քեզի ըսած բոլոր խօսքերէն մէկ խօսք ինծմէ պահես»։ Սամուէլ բոլոր խօսքերը անոր պատմեց, անկէ չպահեց։ Հեղի ըսաւ. «Անիկա Տէրն է. իր աչքերուն հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։ Սամուէլ մեծցաւ ու Տէրը անոր հետ էր եւ անոր ըսած խօսքերէն մէ՛կը գետին չձգեց։ Ու Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ բոլոր Իսրայէլ իմացաւ, թէ Սամուէլ հաստատուած է Տէրոջը մարգարէ ըլլալու։ Տէրը նորէն Սելովի մէջ երեւցաւ, ինքզինք Սամուէլին յայտնելու համար Տէրոջը խօսքովը։ Սամուէլ սկսաւ բոլոր Իսրայէլի քարոզել։ Իսրայէլ պատերազմելու ելաւ Փղշտացիներուն դէմ ու Աբենեզերի մէջ բանակեցաւ, իսկ Փղշտացիները Ափէկի մէջ բանակեցան։ Փղշտացիները Իսրայէլի առջեւ շարուեցան։ Երբ պատերազմը տարածուեցաւ, Իսրայէլ յաղթուեցաւ Փղշտացիներէն, որոնք պատերազմի ասպարէզին մէջ չորս հազար մարդու չափ կոտորեցին։ Ժողովուրդը բանակը դարձաւ։ Իսրայէլի ծերերը ըսին. «Ինչո՞ւ համար Տէրը Փղշտացիներուն առջեւ այսօր մեզ կոտորեց։ Տէրոջը ուխտին տապանակը Սելովէն մեր քով բերենք, որ մեր մէջ գտնուի ու մեզ ազատէ մեր թշնամիներուն ձեռքէն։ Ուստի ժողովը մարդիկ ղրկեց դէպի Սելով, որոնք քերովբէներուն վրայ նստող զօրութեան Տէրոջը ուխտին տապանակը անկէ բերին ու Հեղիին երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ Աստուծոյ ուխտին տապանակին հետ էին։ Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը բանակին մէջ եկաւ, բոլոր Իսրայէլ մեծ ձայնով մը աղաղակեց, այնպէս որ գետինը ձայն տուաւ։ Փղշտացիները այն աղաղակի ձայնը լսելով՝ ըսին. «Եբրայեցիներուն բանակին այս բարձրաձայն աղաղակը ի՞նչ կը նշանակէ»։ Երբ իմացան թէ Տէրոջը տապանակը բանակը եկեր է, Փղշտացիները վախցան, քանզի ըսին. «Վա՜յ մեզի, քանզի մինչեւ հիմա այսպիսի բան եղած չէ. Վա՜յ մեզի, այս զօրաւոր աստուածներուն ձեռքէն ո՞վ մեզ պիտի ազատէ։ Ասոնք այն աստուածներն են, որ Եգիպտոսը ամէն տեսակ հարուածներով զարկին անապատին մէջ։ Ուժովցէ՛ք ու կտրիճ եղէք, ո՛վ Փղշտացիներ, չըլլայ թէ Եբրայեցիներուն ծառայ ըլլաք, ինչպէս անոնք ձեզի ծառայ եղան. ուստի կտրիճ եղէ՛ք եւ անոնց հետ պատերազմեցէ՛ք»։ Ու երբ Փղշտացիները պատերազմեցան, Իսրայէլ յաղթուեցաւ եւ ամէն մարդ իր վրանը փախաւ ու շատ մեծ կոտորած եղաւ եւ Իսրայէլէն երեսուն հազար հետեւակ զօրք ինկաւ, Նաեւ Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ եւ Հեղիի երկու որդիները՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ սպաննուեցան։ Բենիամինեան մը բանակէն վազելով՝ նոյն օրը Սելով հասաւ։ Իր լաթերը պատռեր էր եւ իր գլխուն վրայ հող ցաներ էր ։ Ու երբ հոն հասաւ, ահա Հեղի աթոռի մը վրայ ճամբուն մէջ նստած կը սպասէր, քանզի Աստուծոյ տապանակին համար սիրտը կը դողար։ Երբ այն մարդը քաղաք մտնելով եղածը պատմեց, բոլոր քաղաքը աղաղակեց։ Հեղի այդ աղաղակին ձայնը լսելով՝ ըսաւ. «Այս աղմուկին ձայնը ի՞նչ կը նշանակէ»։ Այն մարդը շուտով վազեց եկաւ ու եղած բաները Հեղիին պատմեց։ Հեղի իննսունըութ տարեկան էր ու աչքերը այնպէս տկարացած էին, որ չէր կրնար տեսնել։ Այն մարդը Հեղիին ըսաւ. «Զօրքին մէջէն եկողը ես եմ։ Պատերազմէն այսօր փախայ»։ Հեղի ըսաւ. «Որդեա՛կ, ի՞նչ եղաւ»։ Լուր բերողը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլ Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ ու ժողովուրդին մէջ մեծ կոտորած եղաւ եւ քու երկու որդիներդ՝ Ոփնի ու Փենէհէս՝ սպաննուեցան ու Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ»։ Երբ անիկա Աստուծոյ տապանակը յիշեց, Հեղի աթոռէն՝ կռնակի վրայ՝ ինկաւ դրանը քով եւ վզին ոսկորը կոտրեցաւ ու մեռաւ, քանզի ծեր ու ծանրացած մարդ մըն էր։ Անիկա Իսրայէլի մէջ քառասուն տարի դատաւորութիւն ըրած էր։ Անոր հարսը՝ Փենէհէսի կինը՝ յղի ու ծնանելու մօտ ըլլալով, երբ Աստուծոյ տապանակին գրաւուելուն ու իր կեսրայրին ու էրկանը մեռնելուն լուրը լսեց, ծունկ ծռելով ծնաւ, քանզի ցաւերը անոր վրայ կոխեցին։ Ու երբ կը մեռնէր, քովը կայնող կիները անոր ըսին. «Մի՛ վախնար, քանզի քու ծնածդ տղայ է»։ Բայց անիկա պատասխան չտուաւ եւ ուշադրութիւն չըրաւ։ Տղուն անունը Իքաբօդ կոչեց, ըսելով՝ «Իսրայէլէն փառքը վերցուեցաւ»։ (Քանզի Աստուծոյ տապանակը գրաւուեցաւ եւ անոր կեսրայրն ու այրը մեռան ։) Անոր համար ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակին գրաւուելուն համար Իսրայէլէն փառքը վերցուեցաւ»։ Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը առին ու զանիկա Աբենեզերէն Ազովտոս տարին։ Եւ Փղշտացիները Աստուծոյ տապանակը առին ու զանիկա Դագոնի տունը տարին եւ Դագոնին քով դրին։ Հետեւեալ օրը Ազովտացիները առտուն կանուխ ելլելով, տեսան թէ Դագոն Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկեր էր։ Անոնք Դագոնը վերցուցին իր տեղը դրին։ Հետեւեալ օրը դարձեալ առտուն կանուխ եկան ու տեսան թէ Դագոն Տէրոջը տապանակին առջեւ երեսի վրայ գետինը ինկեր էր։ Դագոնին գլուխն ու ձեռքերուն երկու թաթերը կոտրած ու սեմին վրայ ինկած էին եւ միայն Դագոնին մարմինը մնացեր էր։ (Այս պատճառով Դագոնին քուրմերը ու Դագոնին տունը բոլոր մտնողները մինչեւ այսօր Ազովտոս եղող Դագոնին սեմին վրայ չեն կոխեր։) Անկէ յետոյ Տէրոջը ձեռքը Ազովտացիներուն վրայ ծանրացաւ ու զանոնք կորսնցուց։ Զանոնք Ազովտոսին ու անոր սահմաններուն մէջ թանչքի ուռեցքներով զարկաւ։ Ազովտոսին բնակիչները ասիկա տեսնելով՝ ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը պէտք չէ մեր քով մնայ. քանզի անոր ձեռքը մեր վրայ ու մեր աստուծոյն Դագոնին վրայ ծանրացաւ»։ Եւ մարդ ղրկեցին ու Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները իրենց քով հաւաքեցին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ի՞նչ ընենք»։ Անոնք ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ թող փոխադրուի»։ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը Գէթ փոխադրեցին։ Հոն փոխադրելէ ետքը, Տէրոջը ձեռքը այն քաղաքին վրայ ըլլալով՝ մեծ խռովութիւն եղաւ ու քաղաքին մարդիկը պզտիկէն մինչեւ մեծը զարնուեցան։ Անոնց վրայ թանչքի ուռեցքներ երեւցան։ Այն ատեն Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն ղրկեցին։ Երբ Աստուծոյ տապանակը Ակկարոն մտաւ, Ակկարոնացիները կանչուըռտելով ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը մեզի բերին, որպէս զի մեզ ու մեր ժողովուրդը մեռցնեն»։ Ուստի մարդ ղրկելով՝ Փղշտացիներուն բոլոր նախարարները հաւաքեցին ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը թող տուէք որ երթայ եւ իր տեղը դառնայ, որպէս զի մեզ ու մեր ժողովուրդը չմեռցնէ», քանզի բոլոր քաղաքին մէջ մահառիթ սոսկում մը կար ու Աստուծոյ ձեռքը խիստ ծանրացեր էր։ Չմեռած մարդիկը թանչքի ուռեցքներով զարնուեցան ու քաղաքին աղաղակը երկինք հասաւ։ Տէրոջը տապանակը Փղշտացիներուն երկրին մէջ եօթը ամիս մնաց։ Փղշտացիները իրենց քուրմերն ու բախտ նայողները կանչեցին ու ըսին. «Եհովային տապանակը ի՞նչ ընենք։ Մեզի իմացուցէք թէ զանիկա ինչպէ՞ս իր տեղը ղրկենք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եթէ Իսրայէլի Աստուծոյն տապանակը ղրկէք, զանիկա պարապ մի՛ ղրկէք, հապա անպատճառ յանցանքի պատարագ մատուցանեցէք, որպէս զի բժշկուիք ու ձեզի յայտնի ըլլայ թէ ինչո՞ւ համար անոր ձեռքը ձեր վրայէն չերթար»։ Անոնք ըսին. «Անոր ի՞նչ տեսակ պատարագ մատուցանենք»։ Ու քուրմերը ըսին. «Փղշտացիներուն նախարարներուն թիւովը հինգ ոսկեղէն թանչքի ուռեցքներ ու հինգ ոսկի մուկ ընծայ տուէք. քանզի ձեր ամենուն վրայ եւ ձեր նախարարներուն վրայ միեւնոյն հարուածը եկաւ։ Ձեր թանչքի ուռեցքներուն պատկերները ու ձեր երկիրը աւերող մուկերուն պատկերները շինեցէք ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառք տուէք։ Թերեւս իր ձեռքը ձեր վրայէն, ձեր աստուածներուն վրայէն ու ձեր երկրին վրայէն վերցնէ։ Եւ ինչո՞ւ համար ձեր սրտերը կը խստացնէք, ինչպէս Եգիպտացիներն ու Փարաւոն իրենց սրտերը խստացուցին։ Չէ՞ որ Աստուած անոնց մէջ հրաշալի գործեր ընելէն ետքը միայն զանոնք թող տուին որպէս զի երթան։ Հիմա նոր սայլ մը շինեցէ՛ք ու երկու հատ կաթնտու երինջ առէք, որոնց վրայ բնաւ լուծ դրուած չըլլայ ու երինջները սայլին լծեցէ՛ք եւ անոնց ձագերը անոնց ետեւէն տուն դարձուցէ՛ք Ու Եհովային տապանակը առէ՛ք եւ զանիկա սայլին վրայ դրէ՛ք ու այն ոսկեղէն պատկերները որոնք դուք յանցանքի համար անոր ընծայ պիտի տաք, պզտիկ արկղով մը անոր մէկ կողմը դրէ՛ք ու զանիկա ղրկեցէ՛ք, որպէս զի երթայ Եւ նայեցէ՛ք, եթէ իր սահմանին ճամբովը Բեթսամիւս ելլէ, այս մեծ չարիքը մեզի ընողը անիկա է. ապա թէ ոչ՝ գիտնանք որ անոր ձեռքը բնաւ մեզի դպած չէ, հապա այս բանը դիպուածով պատահեր է մեզի»։ Փղշտացիները այդպէս ըրին։ Երկու հատ կաթնտու երինջ առին ու զանոնք սայլին լծեցին եւ անոնց ձագերը տան մէջ գոցեցին։ Տէրոջը տապանակը եւ ոսկի մուկերուն ու իրենց թանչքի ուռեցքներուն պատկերներուն պզտիկ արկղը սայլին վրայ դրին։ Երինջները շիտակ Բեթսամիւսի ճամբան բռնեցին եւ մեծ ճամբայէն բառաչելով գացին, աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցան։ Փղշտացիներու նախարարները մինչեւ Բեթսամիւսի սահմանը անոնց ետեւէն գացին։ Եւ Բեթսամիւսացիները հովիտին մէջ ցորենի հունձքը կը հնձէին ու իրենց աչքերը վերցնելով տապանակը տեսան ու տեսնելով ուրախացան։ Սայլը Բեթսամիւսացի Յեսուին արտը մտաւ ու հոն կայնեցաւ, ուր մեծ քար մը կար։ Սայլին փայտերը ճեղքեցին եւ երինջները Տէրոջը ողջակէզ մատուցանեցին։ Ղեւտացիները Տէրոջը տապանակը եւ անոր հետ եղող ոսկի պատկերներուն պզտիկ արկղը վար իջեցուցին ու այն մեծ քարին վրայ դրին։ Այն օրը Բեթսամիւսի մարդիկը Տէրոջը ողջակէզներ ու զոհեր մատուցանեցին։ Ու Փղշտացիներուն հինգ նախարարները այս բաները տեսնելէ ետքը՝ նոյն օրը Ակկարոն դարձան։ Այն ոսկեղէն թանչքի ուռեցքները, որոնք Փղշտացիները յանցանքի համար Տէրոջը ընծայ տուին, ասոնք էին. մէկ հատ Ազովտոսի համար, մէկ հատ Գազայի համար, մէկ հատ Ասկաղոնի համար, մէկ հատ Գէթի համար ու մէկ հատ Ակկարոնի համար։ Ոսկի մուկերը Փղշտացիներու հինգ նախարարութիւններուն բոլոր քաղաքներուն թիւովն էին՝ պարսպապատ քաղաքէն մինչեւ անպարիսպ գիւղը ու մինչեւ այն մեծ քարը, որուն վրայ Տէրոջը տապանակը դրուեցաւ։ Մինչեւ այսօր այն քարը Բեթսամիւսացի Յեսուին արտին մէջ կը կենայ ։ Տէրը Բեթսամիւսի մարդիկը զարկաւ, քանզի անոնք Տէրոջը տապանակին մէջ նայեցան։ Ժողովուրդէն յիսուն հազար եօթանասուն մարդ զարկաւ։ Տէրը ժողովուրդին մէջ կոտորած ընելուն համար ժողովուրդը սուգ բռնեց։ Բեթսամիւսի մարդիկը ըսին. «Այս սուրբ Տէր Աստուծոյն առջեւ ո՞վ կրնայ կայնիլ։ Մեր քովէն որո՞ւ պէտք է երթայ»։ Եւ Կարիաթարիմի բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Փղշտացիները Տէրոջը տապանակը ետ բերին, եկէք ու զանիկա ձեր քով տարէք»։ Եւ Կարիաթարիմի մարդիկը գացին ու Տէրոջը տապանակը անկէ առին եւ զանիկա տարին Աբինադաբին տունը, որ բլուրին վրայ էր ու անոր որդին Եղիազարը որոշեցին որպէս զի Տէրոջը տապանակին պահպանութիւնը ընէ։ Եւ տապանակը Կարիաթարիմի մէջ դրուած օրէն շատ օրեր անցան, մօտաւորապէս քսան տարի եւ Իսրայէլի բոլոր տունը Տէրոջը ետեւէն հառաչեցին։ Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի բոլոր տանը խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եթէ դուք ձեր բոլոր սրտովը Տէրոջը դարձեր էք, ձեր մէջէն օտար աստուածներն ու Աստարովթը վերցուցէ՛ք եւ ձեր սրտերը Տէրոջը պատրաստեցէ՛ք ու միայն զանիկա պաշտեցէք ու անիկա Փղշտացիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։ Իսրայէլի որդիները Բահաղիմն ու Աստարովթը վերցուցին ու միայն Տէրոջը ծառայութիւն ըրին։ Այն ատեն Սամուէլ ըսաւ. «Բոլոր Իսրայէլը Մասփայի մէջ հաւաքեցէք, որպէս զի ձեզի համար Տէրոջը աղօթք ընեմ»։ Բոլորը Մասփայի մէջ հաւաքուեցան ու ջուր քաշեցին եւ Տէրոջը առջեւ թափեցին։ Այն օրը ծոմ բռնեցին եւ ըսին. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցինք»։ Սամուէլ Մասփայի մէջ Իսրայէլի որդիներուն դատաւորութիւն կ’ընէր։ Երբ Փղշտացիները լսեցին թէ Իսրայէլի որդիները Մասփայի մէջ հաւաքուեր են, իրենց նախարարները Իսրայէլի դէմ ելան։ Իսրայէլի որդիները այս լսելով՝ Փղշտացիներուն երեսէն վախցան։ Եւ Իսրայէլի որդիները Սամուէլին ըսին. «Անդադար մեր Տէր Աստուծոյն աղաղակէ մեզի համար, որպէս զի մեզ Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ»։ Սամուէլ կաթնկեր գառնուկ մը առաւ ու զանիկա ողջակէզ ըրաւ Տէրոջը եւ Իսրայէլի համար Տէրոջը աղաղակելով աղոթք ըրաւ ու Տէրը անոր պատասխան տուաւ։ Երբ Սամուէլ ողջակէզը կը մատուցանէր, Փղշտացիները մօտեցան, որպէս զի Իսրայէլի դէմ պատերազմ ընեն։ Տէրը նոյն օրը Փղշտացիներուն վրայ մեծ ձայնով որոտաց ու զանոնք խռովեցուց ու Իսրայէլի առջեւէն փախան։ Իսրայէլի մարդիկը Մասփայէն ելլելով Փղշտացիները հալածեցին ու մինչեւ Բեթքովրի տակ զանոնք կոտորեցին։ Այն ատեն Սամուէլ քար մը առաւ եւ Մասփայի ու Սենի մէջտեղ կանգնեցուց ու անոր անունը Աբենեզեր կոչեց, ըսելով. «Տէրը մինչեւ այստեղ մեզի օգնեց»։ Փղշտացիները կորագլուխ եղան ու անգամ մըն ալ Իսրայէլի սահմանը չմտան եւ Սամուէլի բոլոր օրերը Տէրոջը ձեռքը Փղշտացիներուն վրայ էր։ Փղշտացիները Իսրայէլէն որչափ քաղաքներ որ առեր էին, Ակկարոնէն մինչեւ Գէթ, բոլորն ալ Իսրայէլին վերադարձուեցան ու Իսրայէլ անոնց սահմանները Փղշտացիներու ձեռքէն ազատեց եւ Իսրայէլի ու Ամօրհացիներուն մէջտեղ խաղաղութիւն եղաւ։ Սամուէլ իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը դատեց։ Ամէն տարի Բեթէլ, Գաղգաղա ու Մասփա կ’երթար կը պտըտէր եւ բոլոր այն տեղերը Իսրայէլը կը դատէր։ Անկէ Ռամա կը դառնար, քանզի իր տունը հոն էր եւ հոն կը դատէր Իսրայէլը ու հոն Տէրոջը սեղան շինեց։ Երբ Սամուէլ ծերացաւ, իր որդիները Իսրայէլի վրայ դատաւոր դրաւ։ Իր անդրանիկ որդիին անունը Յովել, երկրորդին անունը Աբիա էր։ Ասոնք Բերսաբէէի մէջ դատաւորութիւն կ’ընէին։ Անոր որդիները անոր ճամբաներուն մէջ չքալեցին, հապա ագահութեան ետեւէ իյնալով՝ կաշառք կ’առնէին եւ իրաւունքը կը ծռէին։ Իսրայէլի բոլոր ծերերը հաւաքուեցան ու Ռամա գացին Եւ Սամուէլին ըսին. «Ահա դուն ծեր ես ու որդիներդ ճամբաներուդ մէջ չեն քալեր. ուստի հիմա մեր վրայ թագաւոր մը դիր, որպէս զի բոլոր ազգերուն պէս մեզ կառավարէ»։ Սակայն Սամուէլին գէշ երեւցաւ, որ ըսին թէ «Մեզի թագաւոր մը տուր, որպէս զի մեզ կառավարէ»։ Սամուէլ Տէրոջը աղօթք ըրաւ։ Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Ժողովուրդին խօսքին ու անոնց քեզի ամէն ըսածին մտիկ ըրէ՛, քանզի անոնք քեզ չեն մերժեր, այլ զիս կը մերժեն, որպէս զի անոնց վրայ չթագաւորեմ։ Զանոնք Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր ինչ որ ըրին՝ զիս մոռնալով եւ ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընելով՝ նոյնը քեզի ալ պիտի ընեն։ Ուստի դուն անոնց խօսքին մտիկ ըրէ. բայց անոնց յայտնի կերպով վկայէ ու իրենց վրայ իշխող թագաւորին վարմունքը անոնց իմացուր»։ Սամուէլ Տէրոջը բոլոր խօսքերը իրմէ թագաւոր ուզող ժողովուրդին պատմեց Ու ըսաւ. «Ձեր վրայ իշխող թագաւորին վարմունքը այսպէս պիտի ըլլայ։ Ձեր տղաքը պիտի առնէ ու զանոնք իրեն համար իր կառքերուն ու ձիերուն վրայ պիտի դնէ եւ իր կառքերուն առջեւէն պիտի վազեն Ու իրեն հազարապետներ ու յիսնապետներ պիտի կարգէ, որ իր արտերը հերկեն ու հունձքերը հնձեն եւ իր պատերազմական զէնքերն ու կառքերուն գործիքները շինեն։ Ձեր աղջիկները պիտի առնէ, որպէս զի իւղագործ, խոհարար ու հաց եփող ըլլան։ Ձեր ընտիր արտերը, այգիներն ու ձիթենիները առնելով՝ իր ծառաներուն պիտի տայ։ Ձեր արտերուն ու ձեր այգիներուն տասանորդը պիտի առնէ ու զանիկա իր ներքինիներուն ու ծառաներուն պիտի տայ։ Ձեր ծառաներն ու աղախինները ու ձեր ամենէն ազնիւ կտրիճները եւ ձեր էշերը պիտի առնէ ու իր ծառայութեանը գործածէ։ Ձեր հօտերուն տասանորդը պիտի առնէ ու դուք անոր ծառաներ պիտի ըլլաք։ Այն օրը դուք ձեր ընտրած թագաւորին պատճառով պիտի աղաղակէք բայց Տէրը ձեզի պատասխան պիտի չտայ»։ Սակայն ժողովուրդը Սամուէլին խօսքին մտիկ ընել չուզելով՝ ըսին. «Ո՛չ, անպատճառ թագաւոր մը կ’ուզենք, Որպէս զի մենք ալ բոլոր ազգերուն պէս ըլլանք եւ մեր թագաւորը մեզ կառավարէ։ Անիկա մեր առջեւէն երթայ ու մեր պատերազմներուն մէջ առաջնորդութիւն ընէ՝ ՝»։ Սամուէլ ժողովուրդին բոլոր խօսքերը լսեց ու զանոնք Տէրոջը ականջներուն պատմեց։ Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Անոնց խօսքին մտիկ ըրէ՛ ու անոնց վրայ թագաւոր մը դի՛ր»։ Այն ատեն Սամուէլ Իսրայէլի մարդոց ըսաւ. «Թող ամէն մարդ իր քաղաքը երթայ»։ Բենիամինին որդիներէն Կիս անունով մարդ մը կար։ Անիկա Բենիամինեան Աբիային որդիին Բեքովրաթին որդիին Սերօրին որդիին Աբիէլին որդին էր։ Կիս ալ որդի մը ունէր, որուն անունը Սաւուղ էր։ Անիկա կտրիճ ու գեղեցիկ էր ու Իսրայէլի որդիներուն մէջ անկէ գեղեցիկ մարդ չկար եւ բոլոր ժողովուրդէն՝ ուսէն վեր՝ երկայն էր։ Սաւուղին հօրը Կիսին էշերը կորսուեցան ու Կիս իր որդիին Սաւուղին ըսաւ. «Մանչերէն մէկը քեզի հետ ա՛ռ ու ելիր գնա՛ էշերը փնտռէ»։ Ան ալ Եփրեմի լեռնէն անցաւ եւ Սաղիսա երկրէն ալ անցաւ՝ զանոնք չգտաւ։ Ետքը Սաղիմի երկրէն անցաւ ու հոն ալ չէին. անկէ Բենիամինեաններու երկիրը անցնելով՝ հոն ալ զանոնք չգտաւ։ Երբ անոնք Սուփին երկիրը եկան, Սաւուղ իրեն հետ եղող մանչուն ըսաւ. «Եկուր ե՛տ դառնանք, չըլլայ թէ հայրս էշերուն հոգը թողու ու մեզի համար մտահոգուի»։ Բայց մանչը անոր ըսաւ. «Այս քաղաքին մէջ է Աստուծոյ մարդը, անիկա պատուաւոր մարդ մըն է, անոր ամէն ըսածը անշուշտ կը կատարուի։ Հոն երթանք, թերեւս մեր երթալու ճամբան մեզի իմացնէ»։ Սաւուղ իր մանչուն ըսաւ. «Բայց եթէ երթալու ըլլանք, այն մարդուն ի՞նչ տանինք. քանզի մեր ամաններէն հացը պակսեցաւ ու Աստուծոյ մարդուն տանելու ընծայ մը չունինք։ Մեր քով ի՞նչ ունինք»։ Մանչը Սաւուղին ըսաւ. «Ահա իմ քովս մէկ սիկղին չորրորդ մասը արծաթ կայ, զանիկա Աստուծոյ մարդուն կու տամ, որպէս զի մեր ճամբան մեզի իմացնէ»։ (Առաջ Իսրայէլի մէջ մարդ մը, երբ Աստուծոյ հարցնելու երթար, այսպէս կ’ըսէր. ‘Եկուր տեսանողին երթանք’։ Քանզի այսօր մարգարէ կոչուողը առաջ տեսանող կը կոչուէր։) Սաւուղ իր մանչուն ըսաւ. «Աղէ՛կ ըսիր, եկուր երթանք»։ Ու Աստուծոյ մարդուն բնակած քաղաքը գացին։ Երբ անոնք զառիվերէն կ’ելլէին, քանի մը աղջիկներ հանդիպեցան, որոնք ջուր հանելու եկեր էին ու անոնց ըսին. «Տեսանողը հո՞ս է»։ Աղջիկները անոնց պատասխան տուին ու ըսին. « Հո՛ս է։ Ահա ձեր առջեւն է։ Շուտ ըրէք, քանզի այսօր ժողովուրդը բարձր տեղին վրայ զոհ պիտի ընէ, ատոր համար անիկա այսօր քաղաք եկաւ։ Քաղաքը մտնելուդ պէս զանիկա հոն կը գտնէք, քանի որ անիկա բարձր տեղը ելած չէ կերակուր ուտելու համար. քանզի մինչեւ անոր գալը ժողովուրդը կերակուր չուտեր, որովհետեւ անիկա կ’օրհնէ զոհը ու անկէ ետքը հրաւիրուածները կ’ուտեն։ Հիմա ելէք, քանզի հիմա կը գտնէք զանիկա»։ Եւ անոնք քաղաքը ելան ու երբ անոնք քաղաքին մէջ կը մտնէին, ահա Սամուէլ բարձր տեղը երթալու ատեն, անոնց դէմը ելաւ։ Սաւուղին գալէն օր մը առաջ՝ Տէրը Սամուէլին յայտներ ու ըսեր էր թէ «Վաղը այս ատեն Բենիամինին երկրէն քեզի մարդ մը պիտի ղրկեմ, զանիկա իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան օծէ՛, որպէս զի անիկա իմ ժողովուրդս Փղշտացիներուն ձեռքէն ազատէ, քանզի ժողովուրդիս նեղութեանը նայեցայ, որովհետեւ անոր աղաղակը ինծի հասաւ»։ Երբ Սամուէլ Սաւուղը տեսաւ, Տէրը անոր ըսաւ. «Ահա ա՛յս է քեզի ըսած մարդս. ասիկա իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի իշխէ»։ Սաւուղ դրանը մէջտեղ Սամուէլին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Տեսանողին տունը ո՞ւր է, կ’աղաչեմ, ինծի ցուցուր»։ Սամուէլ պատասխան տուաւ Սաւուղին ու ըսաւ. «Տեսանողը ես եմ. իմ առջեւէս բարձր տեղը ելիր, քանզի այսօր ինծի հետ կերակուր պիտի ուտես եւ վաղը քեզ կը ղրկեմ ու բոլոր սրտիդ մէջ եղածը քեզի կը պատմեմ։ Երեք օրէ ի վեր քու կորսնցուցած էշերուդ համար մի՛ հոգար, քանզի անոնք գտնուած են։ Իսրայէլի բոլոր փափաքը որո՞ւնն է. քեզի ու քու հօրդ բոլոր տանը չէ՞»։ Սաւուղ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես Իսրայէլի ցեղերուն ամենէն պզտիկէն՝ Բենիամինեան չե՞մ ու իմ ազգատոհմս Բենիամինի ցեղին բոլոր ազգատոհմերուն պզտիկը չէ՞. ուստի ինչո՞ւ համար ինծի այդպիսի խօսք ըսիր»։ Սամուէլ առաւ Սաւուղը ու անոր մանչը ու զանոնք կերակուրին սրահը տարաւ եւ զանոնք կոչնականներուն գլուխը նստեցուց, որոնք երեսուն մարդու չափ էին։ Սամուէլ խոհարարին ըսաւ. «Բեր այն բաժինը որ քեզի տուի ու քեզի պատուիրեցի, որ զանիկա քովդ պահես»։ Խոհարարը ազդրը վրայի մսովը վերցնելով, զանիկա Սաւուղին առջեւ դրաւ։ Սամուէլ ըսաւ. «Ահաւասիկ մնացածը, զանիկա առջեւդ դիր ու կեր. քանզի երբ ըսի թէ ժողովուրդը հրաւիրեր եմ՝ ՝, այն վայրկեանէն անիկա քեզի համար պահուած է»։ Այն օրը Սաւուղ Սամուէլին հետ կերաւ։ Երբ բարձր տեղէն քաղաքը իջան, Սամուէլ իր տանը տանիքին վրայ Սաւուղին հետ խօսեցաւ։ Առաւօտ կանուխ ելան ու լուսցածին պէս Սամուէլ Սաւուղը տանիքը կանչեց ու ըսաւ. «Ելի՛ր, որ քեզ ղրկեմ»։ Եւ Սաւուղ ելաւ։ Ինք եւ Սամուէլ մէկտեղ դուրս ելան։ Երբ անոնք քաղաքին ծայրը կ’իջնէին, Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Մանչուն ըսէ՛, որ մեր առջեւը անցնի»։ (Եւ անիկա անցաւ։) «Հիմա դուն հոս կեցիր, որպէս զի Աստուծոյ պատգամը քեզի իմացնեմ»։ Սամուէլ իւղի շիշ մը առաւ ու անոր գլխուն վրայ թափեց եւ զանիկա համբուրեց ու ըսաւ. «Չէ՞ որ Տէրը քեզ իր ժառանգութեանը վրայ իշխան օծեց։ Այսօր քովէս գացած ատենդ՝ Բենիամինին սահմանը Սելսահի մէջ՝ Ռաքէլին գերեզմանին քով երկու մարդ պիտի գտնես, որոնք քեզի պիտի ըսեն. ‘Գտնուեցան այն էշերը, որոնք փնտռելու գացած էիր։ Քու հայրդ էշերուն հոգը թողուց ու ձեզի համար կը մտահոգուի’ ու կ’ըսէ. ‘Տղուս համար ի՞նչ ընեմ’։ Երբ ասկէ անդին երթաս ու Թաբօրին կաղնին հասնիս, հոն երեք մարդ քեզի պիտի համդիպին, որոնցմէ մէկը երեք ուլ, մէկը երեք հացի նկանակ ու մէկն ալ տիկ մը գինի առած՝ Աստուծոյ կ’ելլեն դէպի Բեթէլ։ Անոնք քու ողջութիւնդ հարցնելով՝ քեզի երկու հաց պիտի տան, դուն ալ անոնց ձեռքէն ա՛ռ։ Անկէ յետոյ Աստուծոյ բլուրը գնա՛, ուր Փղշտացիներու բերդապահ զօրքը կը կենայ. երբ հոն քաղաքը մտնես, բարձր տեղէն իջնող մարգարէներու գունդի մը պիտի հանդիպիս, որոնք իրենց առջեւէն տաւիղ, թմբուկ, սրինգ ու քնար ունենալով մարգարէութիւն պիտի ընեն։ Այն ատեն քու վրադ Տէրոջը Հոգին պիտի գայ ու անոնց հետ մարգարէութիւն պիտի ընես եւ դուն պիտի փոխուիս, ուրիշ մարդ մը պիտի ըլլաս։ Երբ այս նշանները քու վրադ գան, ձեռքէդ եկածը ըրէ, քանզի Աստուած քեզի հետ է։ Ինծմէ առաջ Գաղգաղա իջի՛ր եւ ահա ես հոն պիտի իջնեմ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանելու համար։ Դուն եօթը օր սպասէ՛, մինչեւ որ ես քեզի գամ ու քու ընելիքդ քեզի իմացնեմ»։ Երբ անիկա իր կռնակը դարձուց Սամուէլին քովէն երթալու համար, Աստուած անոր ուրիշ սիրտ մը տուաւ եւ նոյն օրը այս բոլոր նշանները կատարուեցան։ Ու երբ հոն բլուրը եկաւ, ահա մարգարէներու գունդ մը անոր առջեւ ելաւ եւ անոր վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու անոնց հետ մարգարէութիւն ըրաւ։ Ամէն անոնք, որ զինք նախապէս կը ճանչնային, երբ տեսան որ անիկա մարգարէներուն հետ մարգարէութիւն կ’ընէ, իրարու ըսին. «Այս ի՞նչ բան է, որ Կիսին որդիին հանդիպեր է։ Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։ Այն տեղի մարդոցմէ մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Հապա անոր հայրը ո՞վ է»։ Անոր համար ասիկա առակ մը եղաւ. «Միթէ Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։ Երբ մարգարէութիւն ընելը լմնցուց, բարձր տեղը եկաւ։ Սաւուղին հօրեղբայրը անոր ու անոր մանչուն ըսաւ. «Ո՞ւր գացիք»։ Անիկա ըսաւ. «Էշերը փնտռելու. բայց երբ տեսանք որ չկան, Սամուէլին գացինք»։ Սաւուղին հօրեղբայրը ըսաւ. «Սամուէլ ձեզի ի՞նչ ըսաւ, պատմէ՛ ինծի»։ Սաւուղ իր հօրեղբօրը ըսաւ. «Էշերին գտնուիլը մեզի յայտնապէս իմացուց»։ Բայց թագաւորութեան մասին Սամուէլին ըսած խօսքը անոր չյայտնեց։ Սամուէլ ժողովուրդը Մասփայի մէջ Տէրոջը առջեւ հաւաքեց Ու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանեցի ու ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն եւ ձեզի նեղութիւն տուող բոլոր թագաւորներուն ձեռքէն ազատեցի։ Բայց դուք այսօր ձեր Աստուածը մերժեցիք, որ բոլոր չարիքներէն ու նեղութիւններէն ձեզ ազատեց ու անոր ըսիք. ‘Անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը դիր’։ Ուրեմն հիմա ձեր ցեղերովը ու հազարաւորներովը Տէրոջը առջեւ կայնեցէք»։ Ու երբ Սամուէլ Իսրայէլի բոլոր ցեղերը մօտեցուց, վիճակը Բենիամինին ցեղին ելաւ։ Ետքը Բենիամինին ցեղը ազգատոհմերովը մօտեցուց ու վիճակը Մատրիին ազգատոհմին ելաւ։ Ետքը Կիսին որդիին Սաւուղին ելաւ. բայց երբ զանիկա փնտռեցին, անիկա չգտնուեցաւ։ Նորէն Տէրոջը հարցուցին, թէ «Արդեօք այն մարդը հոս կու գա՞յ» ու Տէրը ըսաւ. «Ահա անիկա կարասիներուն մէջտեղը պահուած է»։ Վազելով՝ զանիկա անկէ առին ու ժողովուրդին մէջտեղը կեցուցին։ Բոլոր ժողովուրդէն՝ ուսի մը չափ երկայն էր։ Սամուէլ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Տէրոջը ընտրած մարդը տեսա՞ք, որ բոլոր ժողովուրդին մէջ անոր պէս չկայ»։ Բոլոր ժողովուրդը աղաղակեց ու ըսաւ. «Կեցցէ՜ արքայ»։ Սամուէլ թագաւորութեան կանոնները ժողովուրդին յայտնեց ու զանոնք գրքի մը մէջ գրեց ու Տէրոջը առջեւ դրաւ եւ Սամուէլ բոլոր ժողովուրդը արձակեց, որպէս զի ամէն մարդ իր տունը երթայ ։ Սաւուղ ալ Գաբաա իր տունը գնաց։ Խումբ մը մարդիկ անոր հետ գացին, որոնց սիրտը Աստուած դրդեց։ Բայց չար մարդիկ ըսին. «Ասիկա մեզ ի՞նչպէս պիտի ազատէ». ուստի զանիկա քամահրեցին ու անոր ընծայ մը չտարին. բայց անիկա լուռ կեցաւ։ Ամմոնացի Նաաս ելաւ ու Գաղաադի Յաբիսին դէմ բանակեցաւ եւ Յաբիսի բոլոր բնակիչները Նաասին ըսին. «Մեզի հետ դաշնակցութիւն ըրէ ու քեզի ծառայենք»։ Այն ատեն Ամմոնացի Նաաս անոնց ըսաւ. «Ձեզի հետ այն պայմանով դաշնակցութիւն կ’ընեմ, որ ձեր ամենուն աջ աչքը փորեմ ու այս բանը բոլոր Իսրայէլի վրայ նախատինք դնեմ»։ Յաբիսին ծերերը անոր ըսին. «Մեզի եօթը օր ժամանակ տուր, որպէս զի Իսրայէլի բոլոր սահմանները պատգամաւորներ ղրկենք ու եթէ մեզ ազատող չըլլայ, այն ատեն քեզի անձնատուր կ’ըլլանք՝ ՝»։ Ուստի պատգամաւորները Գաբաան գացին Սաւուղին եւ ժողովուրդին ականջներուն այս խօսքերը ըսին ու բոլոր ժողովուրդը ձայներնին վերցնելով լացին։ Ահա Սաւուղ արտէն կու գար իր եզներուն ետեւէն ու Սաւուղ ըսաւ. «Ժողովուրդին ի՞նչ եղաւ, որ կու լան» ու Յաբիսին բնակիչներուն խօսքերը անոր պատմեցին։ Երբ այս խօսքերը լսեց, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին վրայ եկաւ ու անոր բարկութիւնը խիստ բորբոքեցաւ։ Զոյգ մը եզ առաւ ու զանոնք կտոր կտոր ըրաւ ու պատգամաւորներուն ձեռքով Իսրայէլի բոլոր սահմանները ղրկեց՝ ըսելով. «Ով որ Սաւուղին ետեւէն ու Սամուէլին ետեւէն չգայ, անոր եզներուն այսպէս պիտի ընեն»։ Ժողովուրդին վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու ամէնքը մէկ մարդու պէս ելան։ Եւ Սաւուղ Բեզեկի մէջ համրեց զանոնք։ Իսրայէլի որդիները երեք հարիւր հազար եւ Յուդայի մարդիկը երեսուն հազար էին։ Եկող պատգամաւորներուն ըսին. «Գաղաադի Յաբիսին բնակիչներուն այսպէս ըսէք. ‘Վաղը երբ արեւը տաքնայ, ձեզի ազատութիւն պիտի ըլլայ’»։ Երբ պատգամաւորները գացին եւ Յաբիսին բնակիչներուն այս բանը իմացուցին, անոնք ուրախացան։ Յաբիսին բնակիչները ըսին Ամմոնացիներուն. «Վաղը ձեզի անձնատուր կ’ըլլանք ու ձեր աչքերուն ինչ որ հաճելի ըլլայ, զայն ըրէք մեզի»։ Հետեւեալ օրը Սաւուղ ժողովուրդը երեք գունդի բաժնեց ու առտուն բանակին մէջ մտան եւ Ամմոնացիները զարկին մինչեւ որ օրը տաքցաւ եւ մնացածները այնպէս ցրուեցան, որ անոնցմէ երկու մարդ մէկտեղ չմնաց։ Այն ատեն ժողովուրդը Սամուէլին ըսաւ. «‘Սաւո՞ւղ մեր վրայ թագաւոր պիտի ըլլայ’ ըսողը ո՞վ է. այն մարդիկը տուէք, որպէս զի մեռցնենք»։ Սաւուղ ըսաւ. «Այսօր ոեւէ մարդ պիտի չմեռցուի, քանզի այսօր Տէրը Իսրայէլի համար փրկութիւն ըրաւ»։ Եւ Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Եկէք Գաղգաղա երթանք ու հոն թագաւորութիւնը նորէն հաստատենք»։ Ուստի բոլոր ժողովուրդը Գաղգաղա գացին ու հոն Գաղգաղայի մէջ Տէրոջը առջեւ Սաւուղը թագաւոր ըրին եւ Տէրոջը խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին ու Սաւուղ եւ բոլոր Իսրայէլի մարդիկը հոն մեծ ուրախութիւն ըրին։ Սամուէլ բոլոր Իսրայէլին ըսաւ. «Դուք ինծի ինչ որ ըսիք, ես ձեր խօսքին մտիկ ըրի ու ձեր վրայ թագաւոր դրի։ Ահա հիմա ձեր առջեւէն թագաւորը կ’երթայ, բայց ես ծերացայ ու մազերս ճերմկցան. իմ որդիներս ձեզի հետ են ու ես իմ մանկութենէս մինչեւ այսօր ձեր առջեւ քալեցի։ Ահա ես հոս կայներ եմ. Տէրոջը առջեւ ու անոր օծեալին առջեւ ինծի համար յայտնապէս ըսէք, թէ ես որո՞ւն եզը առի ու որո՞ւն էշը առի, որո՞ւն զրկանք կամ անիրաւութիւն ըրի ու որո՞ւն ձեռքէն կաշառք առի եւ անով իմ աչքերս գոցեցի ու ես ձեզի ետ դարձնեմ»։ Անոնք ըսին. «Մեզի զրկանք կամ անիրաւութիւն ըրած չես ու բնաւ մարդո՛ւ ձեռքէ բան մը առած չես»։ Եւ ան ըսաւ անոնց. «Այսօր Տէրը ու անոր օծեալը ձեզի վկայ ըլլա՞ն, որ դուք իմ ձեռքիս մէջ բան մը չգտաք»։ Եւ անոնք ըսին. «Վկայ թող ըլլան»։ Այն ատեն Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Մովսէսն ու Ահարոնը ընտրողը եւ ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանողը Տէրն է։ Հիմա յառաջ եկէ՛ք եւ ձեզի հետ Տէրոջը առջեւ քննեմ այն բոլոր արդար գործերը, որոնք Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն ըրաւ։ Երբ Յակոբ Եգիպտոս գնաց, հոն ձեր հայրերը Տէրոջը աղաղակեցին եւ Տէրը Մովսէսն ու Ահարոնը ղրկեց, որոնք ձեր հայրերը Եգիպտոսէն դուրս հանեցին ու զանոնք այստեղ բնակեցուցին։ Բայց անոնք իրենց Տէր Աստուածը մոռցան. անիկա ալ զանոնք Հասորի զօրագլուխը եղող Սիսարային ձեռքը ու Փղշտացիներուն ձեռքը եւ Մովաբի թագաւորին ձեռքը մատնեց, անոնց հետ պատերազմ ըրին Եւ Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսին. ‘Մենք մեղք գործեցինք, քանզի Տէրը թողուցինք եւ Բահաղիմին ու Աստարովթին ծառայութիւն ըրինք։ Հիմա մեզ մեր թշնամիներուն ձեռքէն ազատէ ու քեզի պիտի ծառայենք’։ Ուստի Տէրը Յերոբաաղը, Բեդանը, Յեփթայէն ու Սամուէլը ղրկեց եւ ձեր շրջակայ թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ ազատեց ու ապահովութեամբ բնակեցաք։ Ու երբ տեսաք թէ Ամմոնացիներու թագաւորը ձեր վրայ կու գայ, ինծի ըսիք. ‘Ո՛չ, անպատճառ մեր վրայ թագաւոր մը պէտք է’. թէպէտեւ ձեր թագաւորը ձեր Տէր Աստուածն էր։ Եւ հիմա ահա այն թագաւորը, որ ընտրեցիք եւ ուզեցիք, Տէրը ձեր վրայ թագաւոր դրաւ։ Եթէ Տէրոջմէ վախնաք ու անոր ծառայութիւն ընէք եւ անոր խօսքին հնազանդ ըլլաք ու Տէրոջը պատուիրանքին դէմ չկենաք, այն ատեն թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր թագաւորը, որ ձեր վրայ կը թագաւորէ, ձեր Տէր Աստուծոյն հետ պիտի երթաք։ Բայց եթէ Տէրոջը խօսքին հնազանդութիւն չընէք ու Տէրոջը հրամանին դէմ կենաք, այն ատեն Տէրոջը ձեռքը ձեր վրայ ու ձեր հայրերուն վրայ պիտի ըլլայ։ Հիմա կայնեցէ՛ք ու տեսէ՛ք այն մեծ գործը՝ որ Տէրը ձեր աչքերուն առջեւ պիտի ընէ։ Այսօր ցորենի հունձքի ժամանակ չէ՞։ Ես Տէրոջը պիտի աղաղակեմ եւ անիկա որոտում ու անձրեւ պիտի ղրկէ, որպէս զի հասկնաք ու տեսնէք թէ դուք Տէրոջը առջեւ մեծ չարութիւն ըրիք՝ ձեզի թագաւոր ուզելով»։ Այն ատեն Սամուէլ Տէրոջը աղաղակեց ու Տէրը նոյն օրը որոտում ու անձրեւ տուաւ եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջմէն ու Սամուէլէն խիստ վախցաւ։ Ու բոլոր ժողովուրդը Սամուէլին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ աղօթք ըրէ քու ծառաներուդ համար, որպէս զի չմեռնինք. քանզի մեր բոլոր մեղքերուն վրայ այս չարութիւնն ալ աւելցուցինք, որ մեզի թագաւոր ուզեցինք»։ Սամուէլ ժողովուրդին ըսաւ. «Մի՛ վախնաք. թէեւ դուք այս բոլոր չարութիւնը ըրիք, սակայն Տէրոջմէն մի՛ խոտորիք ու բոլոր սրտովնիդ Տէրոջը ծառայութիւն ըրէք Եւ անկէ մի՛ խոտորիք, քանզի ոչինչ բաներու ետեւէ գացած կ’ըլլաք, որոնք ձեզի օգուտ մը չունին եւ ձեզ ազատելու կարող չեն, վասն զի անոնք ոչինչ են։ Տէրը իր մեծ անուանը համար իր ժողովուրդը չի թողուր, որովհետեւ Տէրը ուզեց ձեզ իրեն ժողովուրդ ընել։ Բայց ես, քա՜ւ լիցի, որ Տէրոջը դէմ մեղք գործեմ, ձեզի համար աղօթք ընելէ ետ կենալով. հապա ես ձեզի աղէկ ու շիտակ ճամբան պիտի սորվեցնեմ։ Միայն թէ Տէրոջմէն վախցէք եւ ճշմարտութեամբ ու բոլոր սրտով անոր ծառայութիւն ըրէք, քանզի տեսաք թէ անիկա ձեզի համար ի՛նչ մեծ գործեր ըրաւ։ Իսկ եթէ չարութիւն ընելը շարունակէք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր թագաւորը պիտի կորսուիք»։ Երբ այս բաները եղան, Սաւուղ մէկ տարուան թագաւոր էր։ Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրած էր, Երբ ան Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ ընտրեց իրեն համար։ Երկու հազարը Սաւուղին հետ Մաքմաս ու Բեթէլի լեռն էին եւ հազարն ալ Յովնաթանին հետ Բենիամինի Գաբաան էին, իսկ մնացած ժողովուրդը ամէն մարդ իր վրանը ղրկեց։ Յովնաթան Գաբաայի մէջ եղող Փղշտացիներուն պահապան զօրքերը զարկաւ ու Փղշտացիները լսեցին։ Այն ատեն Սաւուղ բոլոր երկրին մէջ փող հնչեցնել տուաւ՝ ըսելով. «Եբրայեցիները թող լսեն»։ Բոլոր Իսրայէլ լսեց թէ Սաւուղ Փղշտացիներուն պահապան զօրքերը զարկաւ եւ Իսրայէլ Փղշտացիներուն առջեւ ատելի եղաւ ու բոլոր ժողովուրդը Գաղգաղայի մէջ Սաւուղին քով հաւաքուեցան։ Փղշտացիներն ալ հաւաքուեցան, որպէս զի Իսրայէլի դէմ պատերազմ ընեն։ Անոնք երեսուն հազար կառք ու վեց հազար ձիաւոր ունէին եւ ժողովուրդը ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էր ու ելան եւ Բեթաւանի արեւելեան կողմը Մաքմասի մէջ բանակեցան։ Երբ Իսրայէլի մարդիկը զիրենք նեղութեան մէջ տեսան՝ ժողովուրդը տագնապած՝ քարայրներու, թուփերու, ժայռերու, աշտարակներու ու փոսերու մէջ պահուեցան կամ Յորդանանի հունը կտրելով Գադի ու Գաղաադի երկիրը անցան. բայց Սաւուղ դեռ Գաղգաղայի մէջ էր ու բոլոր ժողովուրդը դողալով անոր ետեւէն կ’երթային։ Անիկա Սամուէլին որոշած ժամանակին չափ եօթը օր սպասեց, բայց Սամուէլ Գաղգաղա չեկաւ ու ժողովուրդը անոր քովէն ցրուեցաւ։ Ու Սաւուղ ըսաւ. «Ողջակէզը ու խաղաղութեան զոհը իմ մօտ բերէք»։ Ինք ողջակէզը մատուցանեց։ Երբ անիկա ողջակէզը մատուցանելը լմնցուց, այն ատեն Սամուէլ եկաւ եւ Սաւուղ ելաւ զանիկա դիմաւորելու ու բարեւելու։ Սամուէլ ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր»։ Սաւուղ ըսաւ. «Տեսայ թէ ժողովուրդը իմ քովէս կը ցրուի ու դուն քու որոշած օրերուդ մէջ չեկար ու Փղշտացիները Մաքմասի մէջ հաւաքուած են, ըսի. ‘Փղշտացիները հիմա իմ վրայ Գաղգաղա պիտի իջնեն ու ես Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրած չեմ’. ուստի համարձակելով՝ ՝ ՝ ողջակէզը մատուցանեցի»։ Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Յիմարութիւն ըրիր, որ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի պատուիրած պատուիրանքը չպահեցիր։ Տէրը քու թագաւորութիւնդ Իսրայէլի վրայ մինչեւ յաւիտեան պիտի հաստատէր, Բայց հիմա քու թագաւորութիւնդ հաստատ պիտի չըլլայ։ Տէրը իրեն համար իր սրտին համեմատ մարդ մը կը փնտռէ, որ իշխան կարգէ իր ժողովուրդին վրայ. քանզի դուն Տէրոջը քեզի պատուիրած հրամանը չպահեցիր»։ Ապա Սամուէլ ելաւ ու Գաղգաղայէն Բենիամինին Գաբաան գնաց։ Սաւուղ իր քով գտնուող ժողովուրդը համրեց, որոնք վեց հարիւրի չափ էին։ Սաւուղ եւ անոր որդին Յովնաթան ու անոնց հետ գտնուող մարդիկը Բենիամինին Գաբաան կը նստէին ու Փղշտացիներուն բանակը Մաքմասի մէջ էր։ Փղշտացիներուն բանակէն երեք գունդ աւարառու ելաւ. գունդին մէկը դէպի Եփրայի ճամբան՝ Սաւուղին երկիրը դարձաւ Եւ գունդին մէկը դէպի Բեթորոնի ճամբան դարձաւ ու գունդին մէկն ալ դէպի անապատը դարձաւ ու Սեբոյիմի հովիտը նայող սահմանին ճամբան բռնեց ։ Իսրայէլի բոլոր երկրին մէջ դարբին մը չէր գտնուեր, քանզի Փղշտացիները ըսեր էին թէ ‘Չըլլայ թէ Եբրայեցիները սուր կամ նիզակ շինեն’։ Բոլոր Իսրայելացիները՝ ամէն մէկը իր բրիչը, խոփը, տապարն ու բահը շտկելու համար Փղշտացիներուն երկիրը կ’իջնէին։ Բայց բրիչներուն, խոփերուն, եռաժանի գործիքներուն ու տապարներուն համար եւ խթանները սրելու համար խարտոցներ ունէին։ Այնպէս որ պատերազմին օրը՝ Սաւուղի ու Յովնաթանի հետ եղող բոլոր ժողովուրդին ձեռքը սուր կամ նիզակ չէր գտնուեր. միայն Սաւուղի ու անոր որդիին Յովնաթանի քով կը գտնուէր։ Ու Փղշտացիներու պահապան զօրքը Մաքմասի կիրճը ելան։ Օր մը Սաւուղի որդին Յովնաթան իր զէնքերը կրող պատանիին ըսաւ. «Եկո՛ւր, անդիի կողմը Փղշտացիներուն պահապան զօրքին կողմը անցնինք». բայց իր հօրը չիմացուց։ Սաւուղ Գաբաայի ծայրը՝ Մագրոնի մէջ եղող նռնենիին տակ կը նստէր։ Անոր հետ եղող ժողովուրդը վեց հարիւրի չափ էր։ Հեղիի որդիին Փենէհէսին որդիին Իքաբօդի եղբօրը Աքիտովբին որդին Աքիա Սելովի մէջ Տէրոջը քահանան էր, որ եփուտ կը հագնէր։ Ժողովուրդը Յովնաթանին երթալը չէր գիտեր։ Այն կիրճերուն մէջ, ուրկէ Յովնաթան Փղշտացիներուն պահապան զօրքին կողմը անցնիլը կ’ուզէր, մէկ կողմէ քարաժայռ մը ու միւս կողմէ քարաժայռ մը կար, որոնց մէկուն անունը Բազէս ու միւսին անունը Սենա էր։ Այս քարաժայռներէն մէկը հիւսիսային կողմը Մաքմասի դէմ ցցուած էր ու միւսը հարաւային կողմը՝ Գաբաայի դէմ։ Յովնաթան իր զէնքերը կրող պատանիին ըսաւ. «Եկո՛ւր, այս անթլփատներուն պահապան զօրքին կողմը անցնինք, կարելի է որ Տէրը մեզի համար բան մը ընէ. քանզի շատ մարդով կամ քիչ մարդով ազատելու կողմէ արգելք մը չկայ Տէրոջը առջեւ»։ Իր զէնքերը կրողը անոր ըսաւ. «Բոլոր քու սրտիդ մէջ եղածը ըրէ՛. յառա՛ջ գնա. ես քեզի հետ կու գամ քու ուզածիդ պէս»։ Եւ Յովնաթան ըսաւ. «Հիմա մենք այն մարդոց կողմը անցնինք ու անոնց երեւնանք։ Եթէ մեզի ըսեն՝ ‘Կայնեցէ՛ք, մինչեւ մենք ձեզի գանք’, այն ատեն մեր տեղը կայնինք ու անոնց չերթանք։ Բայց եթէ ըսեն՝ ‘Մեզի եկէ՛ք’, այն ատեն երթանք, քանզի Տէրը զանոնք մեր ձեռքը տուած է ու ասիկա մեզի նշան ըլլայ»։ Երբ երկուքը Փղշտացիներուն պահապան զօրքին երեւցան, Փղշտացիները ըսին. «Ահա Եբրայեցիները իրենց պահուըտած ծակերէն դուրս կ՛ելլեն»։ Եւ պահապան զօրքերը Յովնաթանին ու անոր զէնքերը կրողին ըսին. «Մեզի եկէ՛ք ու ձեզի բան մը իմացնենք»։ Յովնաթան իր զէնքերը կրողին ըսաւ. «Իմ ետեւէս եկուր, քանզի Տէրը զանոնք Իսրայէլին ձեռքը պիտի տայ»։ Ու Յովնաթան ձեռքերովն ու ոտքերովը վեր ելաւ եւ անոր զէնքերը կրողն ալ անոր ետեւէն ու Յովնաթանին առջեւ անոնք ինկան, անոր զէնքերը կրողն ալ անոր ետեւէն կը մեռցնէր։ Յովնաթան ու անոր զէնքերը կրողը այս առաջին կոտորածին մէջ քսան մարդու չափ մեռցուցին՝ կէս լծավարի չափ գետնի վրայ։ Ու բանակին մէջ, դաշտին մէջ ու բոլոր ժողովուրդին մէջ խռովութիւն եղաւ. պահապան զօրքերն ու աւարառուներն ալ զարհուրեցան ու երկիրը դողաց այնպէս որ անոնց վրայ Աստուծոյ կողմանէ վախ մը ինկաւ։ Բենիամինի Գաբաայէն Սաւուղին դէտերը տեսան թէ ահա այն բազմութիւնը մեծ շփոթութեան մէջ է՝ ՝ ու երթալով կը ցրուի։ Սաւուղ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ. «Աչքէ անցուցէ՛ք ու նայեցէ՛ք թէ մեզմէ ո՞վ գացեր է»։ Ուստի անոնք աչքէ անցուցին եւ ահա Յովնաթան ու անոր զէնքերը կրողը չկային։ Այն ատեն Սաւուղ Աքիային ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը մօտեցուր». քանզի այն ատեն Աստուծոյ տապանակը Իսրայէլի որդիներուն հետ էր։ Երբ Սաւուղ քահանային հետ կը խօսէր, Փղշտացիներու բանակին մէջի աղմուկը երթալով կը շատնար եւ Սաւուղ ըսաւ քահանային. «Ձեռքդ քաշէ՛»։ Սաւուղ եւ իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ հաւաքուեցան ու մինչեւ պատերազմին տեղը գացին եւ ահա ամէն մարդ իր սուրը իր ընկերին դարձուցեր էր ու շատ մեծ խռովութիւն մը կար։ Այն Եբրայեցիները, որոնք առաջ Փղշտացիներուն հետ էին ու շրջակայ երկիրներէն անոնց հետ եկեր էին, անոնք ալ Սաւուղին ու Յովնաթանին հետ եղող Իսրայէլին միացան։ Ու Եփրեմի լերան վրայ պահուըտած Իսրայէլի բոլոր մարդիկը Փղշտացիներուն փախչիլը լսելով, անոնք ալ անոնց ետեւէն պատերազմին մէջ մտան։ Եւ այն օրը Տէրը ազատեց Իսրայէլը ու պատերազմը Բեթաւան անցաւ։ Այն օրը Իսրայէլի մարդիկը տագնապեցան. քանզի Սաւուղ ժողովուրդին երդում ընել տուեր էր՝ ըսելով. «Ով որ մինչեւ իրիկուն հաց ուտէ՝ անիծեալ ըլլայ, որպէս զի իմ թշնամիներէս վրէժ առնեմ» ու բոլոր ժողովուրդը բերանը հաց չդրաւ։ Բոլոր ժողովուրդը անտառ մը մտաւ, ուր գետնին երեսին վրայ մեղր կար։ Երբ ժողովուրդը անտառը մտաւ, տեսաւ որ մեղր կը վազէր. բայց ձեռքը բերնին մօտեցնող չեղաւ, քանզի ժողովուրդը երդումէն վախցաւ։ Սակայն Յովնաթան լսած չէր, երբ իր հայրը ժողովուրդին երդում ընել տուաւ. ուստի իր ձեռքի գաւազանին ծայրը երկնցուց ու մեղրին խորիսխին մէջ խոթեց ու իր ձեռքը բերանը տանելով՝ աչքերը բացուեցան։ Այն ատեն ժողովուրդէն մէկը ըսաւ. «Քու հայրդ ժողովուրդին մեծ երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. ‘Այսօր հաց ուտող մարդը անիծեալ ըլլայ’»։ Եւ ժողովուրդը նուաղած էր։ Յովնաթան ըսաւ. «Իմ հայրս ժողովուրդը նեղութեան մէջ ձգեց։ Նայեցէ՛ք, այս մեղրէն քիչ մը ուտելուս պէս աչքերս բացուեցան. Ալ ո՛րչափ աւելի՝ եթէ ժողովուրդը այսօր իր թշնամիներէն գտած աւարը կշտանալու չափ ուտէ. այն ատեն Փղշտացիներուն մէջ աւելի մեծ կոտորած պիտի ըլլայ՝ ՝»։ Այն օրը անոնք Փղշտացիները Մաքմասէն մինչեւ Այեղոն զարկին, բայց ժողովուրդը խիստ նուաղեցաւ Եւ ժողովուրդը աւարին վրայ ինկաւ ու ոչխարները, արջառները եւ հորթերը առին ու գետնի վրայ մորթեցին ու արիւնովը կերան։ Սաւուղին իմացուցին ու ըսին. «Ահա ժողովուրդը Տէրոջը դէմ կը մեղանչէ, քանզի արիւնով կ’ուտէ»։ Անիկա ըսաւ. «Անօրէնութիւն ըրիք. հիմա ինծի մեծ քար մը գլորեցէ՛ք»։ Սաւուղ ըսաւ. «Ժողովուրդին մէջ ցրուեցէ՛ք եւ անոնց ըսէ՛ք՝ ‘Ամէն մարդ իր արջառն ու իր ոչխարը ինծի մօտեցնէ ու հոս մորթէ եւ ուտէ ու արիւնով ուտելով Տէրոջը դէմ մեղք չգործէ’»։ Ուստի բոլոր ժողովուրդը, ամէն մարդ իր ձեռքովը, այն գիշերը իր արջառը մօտեցուց ու հոն մորթեց։ Եւ Սաւուղ Տէրոջը սեղան շինեց։ Այս էր Տէրոջը համար Սաւուղին շինած առաջին սեղանը։ Սաւուղ ըսաւ. «Գիշերով Փղշտացիներուն ետեւէն իջնենք ու մինչեւ արեւածագ՝ զանոնք թալլենք ու անոնցմէ մա՛րդ չթողունք»։ Անոնք ըսին. «Քու աչքերուդ ինչ որ հաճելի է՝ զայն ըրէ»։ Քահանան ըսաւ. «Հոս Աստուծոյ մօտենանք»։ Սաւուղ Աստուծոյ հարցուց՝ ըսելով. «Փղշտացիներուն ետեւէն իջնե՞մ. զանոնք Իսրայէլի ձեռքը պիտի տա՞ս»։ Բայց այն օրը Աստուած պատասխան չտուաւ անոր։ Այն ատեն Սաւուղ ըսաւ. «Հո՛ս մօտեցէք, ո՜վ ժողովուրդի իշխաններ եւ հասկցէ՛ք ու տեսէ՛ք թէ այսօր այս մեղքը որո՞ւն է։ Քանզի Իսրայէլը ազատող Տէրը կենդանի է, որ եթէ իմ որդիիս Յովնաթանին ալ ըլլայ, անպատճառ պիտի մեռնի»։ Բոլոր ժողովուրդին մէջ անոր պատասխան տուող մը չեղաւ։ Այն ատեն անիկա բոլոր Իսրայէլի ըսաւ. «Դուք մէկ կողմը կայնեցէք ու ես եւ իմ որդիս Յովնաթան միւս կողմը կայնինք»։ Ժողովուրդը Սաւուղին ըսաւ. «Աչքերուդ հաճոյ երեւցածդ ըրէ»։ Սաւուղ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ըսաւ. « Ճշմարտութիւնը յայտնէ՝ ՝»։ Եւ Յովնաթան ու Սաւուղ վիճակով բռնուեցան ու ժողովուրդը ազատ մնաց։ Եւ Սաւուղ ըսաւ. «Իմ վրաս ու իմ որդիիս Յովնաթանի վրայ վիճակ ձգեցէք». Յովնաթան բռնուեցաւ։ Եւ Սաւուղ Յովնաթանին ըսաւ. «Ինծի իմացուր թէ ի՞նչ ըրիր»։ Յովնաթան անոր իմացուց ու ըսաւ. «Ձեռքիս գաւազանին ծայրովը քիչ մը մեղր կերեր եմ ու ահա ես պիտի մեռնիմ»։ Սաւուղ ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ։ Անշուշտ պիտի մեռնիս, Յո՛վնաթան»։ Բայց ժողովուրդը Սաւուղին ըսաւ. «Յովնաթա՞ն պիտի մեռնի, ան որ այսօր Իսրայէլի մէջ այս մեծ փրկութիւնը ըրաւ։ Քա՛ւ լիցի. կենդանի է Տէրը, որ անոր գլխուն մէ՛կ մազը գետինը պիտի չիյնայ. քանզի այսօր Աստուծմով յաղթութիւն տարաւ»։ Այսպէս ժողովուրդը Յովնաթանը ազատեց ու անիկա չմեռաւ։ Սաւուղ Փղշտացիներէն ետ դարձաւ ու Փղշտացիները իրենց տեղը գացին։ Երբ Սաւուղ սկսաւ Իսրայէլի վրայ թագաւորել, բոլոր շրջակայ թշնամիներուն հետ, այսինքն Մովաբին հետ եւ Ամմոնի որդիներուն հետ, Եդովմին հետ, Սուբայի թագաւորներուն հետ ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ եւ ո՛ր կողմը որ դարձաւ՝ յաղթեց։ Ու քաջութիւն ընելով՝ ՝ Ամաղէկը զարկաւ եւ ազատեց Իսրայէլը իր կողոպտիչներուն ձեռքէն։ Սաւուղին որդիները Յովնաթան, Յեսուին ու Մեղքիսաւէն էին։ Անոր երկու աղջիկներուն անունները՝ առաջինին անունը Մերովբ ու պզտիկին անունը Մեղքող էր։ Սաւուղին կնոջ անունը Աքինոամ էր, որ Աքիմաասին աղջիկն էր։ Անոր զօրավարին անունը Աբեններ էր, Սաւուղին հօրեղբօրը՝ Ների՝ որդին։ Եւ Կիս, Սաւուղին հայրը ու Աբեններին հայրը՝ Ներ՝ Աբիէլին որդիներն էին։ Սաւուղին բոլոր օրերը Փղշտացիներուն դէմ սաստիկ պատերազմ կար։ Սաւուղ ամէն զօրաւոր մարդ եւ ամէն ուժի տէր եղող իր քով կը հաւաքէր։ Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Տէրը զիս իր Իսրայէլ ժողովուրդին վրայ քեզ թագաւոր օծելու ղրկեց, ուստի հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ’։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Միտքս բերի ինչ որ Ամաղէկ ըրաւ Իսրայէլի, անոր Եգիպտոսէն ելած ատենը՝ ճամբուն մէջ անոր դէմ դնելով։ Հիմա գնա՛ ու Ամաղէկը զա՛րկ։ Անոր բոլոր ունեցածը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՝։ Անոր չխնայես։ Այր մարդէն մինչեւ կին մարդը ու տղայէն մինչեւ կաթնկերը, արջառէն մինչեւ ոչխարը եւ ուխտէն մինչեւ էշը մեռցո՛ւր’»։ Ուստի Սաւուղ ժողովուրդը կանչեց ու Տեղայիմի մէջ զանոնք համրեց, որոնք երկու հարիւր հազար հետեւակ զօրք էին, իսկ Յուդայեաններն ալ տասը հազար։ Եւ Սաւուղ Ամաղեկացիներու մէկ քաղաքը գնաց ու հեղեղատին մէջ դարանակալ կեցաւ։ Սաւուղ Կենեցիներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, զատուեցէ՛ք ու ամաղեկացիներուն մէջէն իջէ՛ք, չըլլայ որ ձեզ անոնց հետ մէկտեղ զարնեմ. քանզի դուք բոլոր Իսրայէլի որդիներուն ողորմութիւն ըրիք՝ անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը»։ Ուստի Կենեցիները Ամաղեկացիներու մէջէն զատուեցան։ Սաւուղ՝ Եւիլայէն մինչեւ Սուրը՝ Ամաղէկը զարկաւ Ու Ամաղէկի թագաւորը Ագագը ողջ բռնեց ու բոլոր ժողովուրդը սուրի բերնով ջարդեց։ Բայց Սաւուղ ժողովուրդին հետ Ագագը եւ ոչխարներուն ու արջառներուն աղէկներն ու գէրերը եւ գառներն ու ամէն պատուական բաները խնայեցին եւ չուզեցին զանոնք ջարդել, միայն բոլոր անարգ ու անպիտան անասունները ջարդեցին։ Տէրոջը խօսքը Սամուէլին եղաւ՝ ըսելով. «Սաւուղը թագաւոր ընելուս զղջացի, քանզի ինծմէ ետ դարձաւ ու իմ խօսքերս չկատարեց»։ Սամուէլ տրտմեցաւ ու բոլոր գիշերը Տէրոջը աղաղակեց։ Սամուէլ առաւօտուն կանուխ ելաւ, որպէս զի երթայ Սաւուղը դիմաւորէ։ Սամուէլին իմացուցին ու ըսին. «Սաւուղ Կարմեղոս եկաւ եւ իրեն համար յաղթութեան նշան՝ ՝ կանգնեցուց ու անկէ դառնալով անցաւ ու Գաղգաղա իջաւ»։ Սամուէլ Սաւուղին քով գնաց։ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Դուն Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաս. Տէրոջը խօսքը կատարեցի»։ Բայց Սամուէլ ըսաւ. «Հապա այդ ոչխարներուն ձայնը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ որ իմ ականջիս կու գայ ու արջառներուն ձայնը որ ես կը լսեմ»։ Սաւուղ ըսաւ. «Զանոնք Ամաղեկացիներէն բերին. քանզի ժողովուրդը ամենէն աղէկ աչխարներն ու արջառները ողջ թողուցին, որպէս զի զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ զոհ մատուցանեն, սակայն միւսները ջարդեցինք»։ Այն ատեն Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Կեցիր որ քեզի պատմեմ ինչ որ Տէրը այս գիշեր ինծի խօսեցաւ»։ Ան ալ ըսաւ. «Խօսէ»։ Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Ահա դուն որ քու աչքերուդ պզտիկ կ’երեւնայիր, Իսրայէլի ցեղերուն գլուխը եղար։ Տէրը քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեց։ Տէրը քեզ ճամբայ մը ղրկեց՝ ըսելով. ‘Գնա ու այն մեղաւոր Ամաղեկացիները նզովուածի պէս ջարդէ եւ անոնց դէմ պատերազմ ըրէ, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’։ Իսկ դուն ինչո՞ւ համար Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն չըրիր ու աւարին վրայ իյնալով՝ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրիր»։ Սաւուղ ըսաւ Սամուէլին. «Ահա ես Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ըրի ու Տէրը զիս ո՛ր ճամբան որ ղրկեց, այն ճամբան գացի եւ Ամաղէկի թագաւորը Ագագը բերի ու Ամաղէկը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրի։ Սակայն ժողովուրդը այն աւարէն ոչխարներ ու արջառներ առաւ, նզովուածներէն ամենէն աղէկները, որպէս զի զանոնք Գաղգաղայի մէջ քու Տէր Աստուծոյդ զոհ ընեն»։ Սամուէլ ըսաւ. «Միթէ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներն ու զոհերը Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն ընելու չափ հաճո՞յ են։ Ահա հնազանդութիւնը զոհէն ու խօսք մտիկ ընելը խոյերուն ճարպէն աղէկ է։ Քանզի ապստամբութիւնը կախարդութեան մեղքին պէս ու կամակորութիւնը կռապաշտութեան պէս ՝ ՝ է. որովհետեւ դուն Տէրոջը խօսքը մերժեցիր, անիկա ալ քեզ մերժեց, որպէս զի թագաւոր չըլլաս»։ Եւ Սաւուղ ըսաւ Սամուէլին. «Մեղք գործեցի, որ Տէրոջը հրամանը ու քու խօսքերդ զանց ըրի, քանզի ժողովուրդէն վախնալուս համար անոնց խօսքին մտիկ ըրի։ Ու հիմա կ’աղաչեմ, իմ յանցանքս ներէ եւ ինծի հետ դարձիր, որպէս զի Տէրոջը երկրպագութիւն ընեմ»։ Եւ Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Ես քեզի հետ չեմ դառնար. քանզի դուն Տէրոջը խօսքը մերժեցիր, Տէրն ալ քեզ մերժեց՝ որպէս զի Իսրայէլի վրայ թագաւոր չըլլաս»։ Ու Սամուէլ դարձաւ որ Սաւուղին քովէն երթայ. բայց անիկա անոր վերարկուին ծայրէն բռնեց, որ պատռեցաւ։ Այն ատեն Սամուէլ անոր ըսաւ. «Տէրը այսօր քու վրայէդ Իսրայէլի թագաւորութիւնը պատռեց ու զանիկա քեզմէ աղէկ եղող ընկերիդ տուաւ։ Իսրայէլի Ապաւէնը սուտ չի խօսիր ու չի զղջար. քանզի անիկա մարդ չէ՝ որ զղջայ»։ Եւ Սաւուղ ըսաւ. «Մեղք գործեցի. կ’աղաչեմ, հիմա իմ ժողովուրդիս ծերերուն առջեւ ու Իսրայէլի առջեւ զիս պատուէ՛ եւ ինծի հետ դարձի՛ր, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընեմ»։ Սամուէլ Սաւուղին ետեւէն դարձաւ եւ Սաւուղ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրաւ։ Ետքը Սամուէլ ըսաւ. «Ամաղէկի թագաւորը Ագագը ինծի բերէք»։ Ագագ քնքշութեամբ անոր մօտեցաւ եւ Ագագ ըսաւ. «Անշուշտ մահուան դառնութիւնը անցած է»։ Բայց Սամուէլ ըսաւ. «Ինչպէս քու սուրդ կիները անզաւակ թողուց, նոյնպէս քու մայրդ կիներուն մէջ անզաւակ պիտի մնայ»։ Սամուէլ Գաղգաղայի մէջ Տէրոջը առջեւ կտոր կտոր ըրաւ Ագագը։ Սամուէլ Ռամա գնաց ու Սաւուղ իր տունը՝ Սաւուղի Գաբաան ելաւ։ Սամուէլ մինչեւ իր մահուան օրը անգամ մըն ալ Սաւուղը չտեսաւ, բայց Սամուէլ Սաւուղին համար սուգ կ’ընէր, քանզի Տէրը Սաւուղը Իսրայէլի վրայ թագաւոր ընելուն զղջաց։ Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ Սաւուղին համար սուգ պիտի ընես, որովհետեւ ես զանիկա մերժեցի, որպէս զի Իսրայէլի վրայ չթագաւորէ։ Եղջիւրդ իւղով լեցուր ու եկուր քեզ Բեթլէհեմացի Յեսսէին ղրկեմ. քանզի անոր որդիներէն մէկը ինծի թագաւոր ընտրեցի»։ Սամուէլ ըսաւ. «Ի՞նչպէս երթամ. եթէ Սաւուղ լսէ, զիս կը մեռցնէ»։ Տէրը ըսաւ. « Քեզի հետ երինջ մը առ ու ըսէ թէ Տէրոջը զոհ ընելու եկայ Եւ Յեսսէն զոհին հրաւիրէ ու քու ընելու բանդ ես քեզի պիտի հասկցնեմ եւ թագաւոր պիտի օծես այն մարդը, որ քեզի պիտի ցուցնեմ»։ Սամուէլ Տէրոջը ըսածը ըրաւ ու Բեթլէհեմ գնաց։ Քաղաքին ծերերը դողալով զանիկա դիմաւորեցին ու ըսին. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։ Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութեամբ. Տէրոջը զոհ ընելու եկայ։ Սրբուեցէ՛ք ու ինծի հետ զոհի եկէ՛ք»։ Եւ Յեսսէն ու անոր որդիները սրբել տուաւ եւ զանոնք զոհի հրաւիրեց։ Երբ անոնք եկան, Եղիաբը տեսնելով ըսաւ. «Իրաւ որ Տէրոջը օծեալը իր առջեւն է»։ Բայց Տէրը Սամուէլին ըսաւ. «Անոր երեւոյթին ու հասակին երկայնութեանը մի՛ նայիր, քանզի ես զանիկա անարգեցի. որովհետեւ Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։ Յեսսէ Աբինադաբը կանչեց ու զանիկա Սամուէլին առջեւէն անցուց եւ Սամուէլ ըսաւ. «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։ Յեսսէ Սամաան անցուց եւ Սամուէլ ըսաւ. «Տէրը ասիկա ալ չընտրեց»։ Երբ Յեսսէ Սամուէլին առջեւէն իր եօթը որդիները անցուց, Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Տէրը ասոնցմէ ոչ մէկը ընտրեց»։ Եւ Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. «Տղաքներդ ա՞յդչափ են»։ Անիկա ըսաւ. «Տակաւին ամենէն պզտիկը մնաց։ Ահա անիկա ոչխարները կ’արածէ»։ Ու Սամուէլ Յեսսէին ըսաւ. « Մարդ ղրկէ ու զանիկա բերել տուր. քանզի մինչեւ որ անիկա հոս չի գայ, մենք սեղան պիտի չնստինք»։ Ուստի մարդ ղրկեց ու զանիկա բերել տուաւ։ Անիկա կարմիր էր ու աղուոր աչքեր ունէր ու դէմքն ալ գեղեցիկ էր։ Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Ելի՛ր, ասիկա օծէ՛, քանզի ասիկա է»։ Սամուէլ իւղին եղջիւրը առաւ ու զանիկա օծեց իր եղբայրներուն մէջ։ Այն օրէն ետքը Տէրոջը Հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ։ Սամուէլ ելաւ Ռամա գնաց։ Տէրոջը Հոգին Սաւուղէն հեռացաւ ու Տէրոջը կողմանէ չար ոգի մը անոր նեղութիւն կու տար՝ ՝ Եւ Սաւուղին ծառաները անոր ըսին. «Ահա Աստուծոյ կողմանէ չար ոգի մը քեզի նեղութիւն կու տայ. Մեր Տէրը իր առջեւ եղող ծառաներուն թող ըսէ, որ աղէկ քնարահար մը փնտռեն, որպէս զի երբ Աստուծոյ կողմանէ այն չար ոգին քու վրադ գայ, անիկա իր ձեռքով քնարը զարնէ ու դուն հանգստանաս՝ ՝»։ Սաւուղ իր ծառաներուն ըսաւ. «Հիմա ինծի աղէկ քնարահար մը գտէ՛ք ու զանիկա ինծի բերէ՛ք»։ Ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա Բեթլէհեմացի Յեսսէին մէկ տղան տեսայ, որ քնար զարնել գիտէ ու անիկա զօրաւոր, պատերազմող, ճարտասան ու գեղեցիկ տեսքով կտրիճ մըն է եւ Տէրը անոր հետ է»։ Սաւուղ Յեսսէին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ոչխարներուն քով գտնուող տղադ՝ Դաւիթը՝ ինծի ղրկէ»։ Եւ Յեսսէ քանի մը հաց, տիկ մը գինի ու այծերէն ուլ մը առնելով՝ իշու վրայ բեռցուց ու զանոնք իր տղուն Դաւիթին ձեռքով Սաւուղին ղրկեց։ Դաւիթ Սաւուղին եկաւ ու անոր առջեւ կեցաւ։ Սաւուղ զանիկա շատ սիրեց ու Դաւիթ անոր կապարճակիրը եղաւ։ Սաւուղ Յեսսէին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Դաւիթ թող իմ քովս կենայ, քանզի անիկա իմ առջեւս շնորհք գտաւ»։ Երբ Աստուծմէ չար ոգին Սաւուղին վրայ գար, Դաւիթ քնարը կ’առնէր ու իր ձեռքով կը զարնէր եւ Սաւուղ կը հանգստանար ու կը զուարճանար եւ չար ոգին անոր վրայէն կ’երթար։ Փղշտացիները իրենց զօրքերը հաւաքեցին պատերազմելու համար եւ Յուդայի Սոքովին մէջ հաւաքուեցան եւ Սոքովի ու Ազեկայի մէջտեղ Ափեսդոմմի մէջ բանակեցան։ Սաւուղ ու Իսրայէլի մարդիկը հաւաքուեցան ու Էլայի հովիտին մէջ բանակեցան եւ Փղշտացիներուն դէմ պատերազմ ընելու համար կարգաւ շարուեցան։ Փղշտացիները մէկ կողմը լերան մը վրայ կեցեր էին ու Իսրայելացիները միւս կողմը լերան մը վրայ կեցեր էին ու հովիտը անոնց մէջտեղն էր։ Փղշտացիներու բանակէն Գողիաթ անունով, վեց կանգուն ու մէկ թիզ բարձրութեամբ, Գեթացի ախոյեան մը ելաւ։ Անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ կար ու հիսուած զրահ մը հագեր էր։ Անոր պղնձէ զրահին ծանրութիւնը հինգ հազար սիկղ էր։ Ոտքերուն վրայէն պղնձէ սռնապաններ եւ ուսերուն մէջտեղ պղնձէ գեղարդ մը ունէր։ Անոր նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր ու նիզակին տէգը վեց հարիւր սիկղ երկաթ էր։ Անոր վահանը կրողը անոր առջեւէն կ’երթար։ Անիկա եկաւ կայնեցաւ ու Իսրայէլի գունդերուն կանչելով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մեզի դէմ պատերազմ ընելու ելեր էք ու գունդերով շարուեր էք, միթէ ես Փղշտացի չե՞մ ու դուք Սաւուղի ծառաները չէ՞ք։ Ձեր մէջէն մարդ մը ընտրեցէ՛ք, որպէս զի գայ ինծի հետ մենամարտի ։ Եթէ կարող ըլլայ ինծի հետ կռուիլ ու զիս մեռցնէ, այն ատեն մենք ձեզի ծառայ ըլլանք, բայց եթէ ես յաղթեմ ու զանիկա մեռցնեմ, այն ատեն դուք մեզի ծառայ ըլլաք ու մեզի ծառայութիւն ընէք»։ Եւ այն Փղշտացին աւելցուց. «Ես այսօր Իսրայէլի գունդերը նախատեցի. ինծի մարդ մը տուէք, որպէս զի իրարու հետ կռուինք»։ Երբ Սաւուղ ու բոլոր Իսրայէլ Փղշտացիին այս խօսքերը լսեցին, զարհուրեցան ու խիստ վախցան։ Դաւիթ Եփրաթացի, այսինքն Յուդայի Բեթլէհեմացի, Յեսսէ անունով մարդու մը որդին էր։ Անիկա ութը որդի ունէր ու անիկա Սաւուղին օրերը ծեր մարդ մը կը սեպուէր։ Յեսսէին երեք մեծ որդիները իր քովէն ելլելով, Սաւուղին ետեւէն պատերազմի գացեր էին։ Պատերազմի գացող երեք որդիներուն անունները՝ անդրանիկինը՝ Եղիաբ, երկրորդինը՝ Աբինադաբ եւ երրորդինը Սամաա էր։ Դաւիթ անոր ամենէն պզտիկն էր։ Երեք մեծերը Սաւուղին ետեւէն գացին. Բայց Դաւիթ Սաւուղին քովէն ելլելով Բեթլէհէմ դարձեր էր, որպէս զի իր հօրը ոչխարները արածէ։ Եւ այն Փղշտացին քառասուն օր առտու ու իրիկուն կը մօտենար ու զանոնք մենամարտութեան կը հրաւիրէր ։ Յեսսէ իր որդիին՝ Դաւիթին ըսաւ. «Քու եղբայրներուդ համար այս մէկ արդու բոհրած ցորենն ու այս տասը հացը ա՛ռ, բանակը վազէ՛ եղբայրներուդ տո՛ւր ։ Եւ այս տասը գլուխ պանիրը անոնց հազարապետին տա՛ր ու նայէ թէ եղբայրներդ ողջ առո՞ղջ են ու անոնցմէ նշան մը բեր»։ Սաւուղ ու անոնք ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը Էլայի հովիտին մէջ Փղշտացիներուն հետ պատերազմ կ’ընէին։ Դաւիթ առաւօտուն կանուխ ելաւ, ոչխարները պահապան հովիւին թողուց ու այն բաները առաւ գնաց, ինչպէս Յեսսէն իրեն ապսպրեր էր։ Երբ կառքերուն տեղը հասաւ, զօրքերը կարգաւ կը շարուէին, պատերազմի համար բարձր ձայնով կ’աղաղակէին. Քանզի Իսրայէլ ու Փղշտացիները զօրք զօրքի դէմ շարեր էին։ Դաւիթ իր վրայէն ամանները վար առնելով ամաններու պահապանին ձեռքը յանձնեց եւ դէպի գունդը վազեց ու գնաց իր եղբայրներուն ողջութիւնը հարցուց։ Երբ անիկա անոնց հետ կը խօսէր, ահա այն Փղշտացի ախոյեանը՝ Գողիաթ՝ որ Գէթ քաղաք էն էր, Փղշտացիներու գունդերէն ելաւ եւ նոյն խօսքը կրկնեց։ Դաւիթ լսեց։ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը, երբ այն մարդը տեսան, անոր երեսէն փախան ու զարհուրեցան։ Իսրայէլի մարդիկը ըսին. «Այս ելլող մարդը տեսա՞ք, որ Իսրայէլը նախատելու կ’ելլէ. ով որ զանիկա մեռցնէ, թագաւորը մեծ հարստութիւնով պիտի հարստացնէ զանիկա ու իր աղջիկը անոր պիտի տայ եւ անոր հօրը տունը Իսրայէլի մէջ ազատ պիտի ընէ»։ Դաւիթ իր քով եղող մարդոցը հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս Փղշտացին մեռցնող եւ Իսրայէլէն նախատինքը վերցնող մարդուն ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանզի այս անթլփատ Փղշտացին ո՞վ է՝ որ կենդանի Աստուծոյն զօրքերը կը նախատէ»։ Ժողովուրդը նոյն խօսքերը անոր ըսաւ. «Զանիկա մեռցնող մարդուն այսպէս ու այսպէս պիտի ըլլայ»։ Անոր մեծ եղբայրը Եղիաբ, երբ լսեց անոր խօսիլը այն մարդոց հետ, սաստիկ բարկութեամբ Դաւիթին սրդողեցաւ ու ըսաւ. «Դուն ինչո՞ւ հոս եկար եւ ոչխարները անապատին մէջ որո՞ւ ձգեցիր։ Ես քու հպարտութիւնդ ու սրտիդ չարութիւնը գիտեմ, անտարակոյս դուն պատերազմը տեսնելու եկեր ես»։ Դաւիթ ըսաւ, «Հիմա ի՞նչ ըրի. այս խօսք չէ՞»։ Ու անոր քովէն ուրիշ մարդու մը դարձաւ եւ նոյն խօսքերը ըսաւ։ Ժողովուրդն ալ նոյնպէս պատասխան տուին անոր։ Դաւիթին ըսած խօսքերը լսուեցան ու երբ Սաւուղին առջեւ պատմեցին, Սաւուղ իր քով բերել տուաւ զանիկա։ Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ասոր պատճառով բնաւ մարդու մը սիրտ թող չկոտրի. քու ծառադ պիտի երթայ ու այն Փղշտացիին հետ կռուի»։ Եւ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Դուն չես կրնար այն Փղշտացիին վրայ երթալ ու անոր հետ կռուիլ, քանզի դուն մանուկ ես ու անիկա իր մանկութենէն պատերազմող մարդ մըն է»։ Դաւիթ ըսաւ Սաւուղին. «Քու ծառադ երբ իր հօրը ոչխարները կ’արածէր ու երբ առիւծ կամ արջ գար եւ հօտերէն ոչխար տանէր, Ես անոր ետեւէն երթալով՝ զանիկա կը զարնէի ու անոր բերնէն կ’ազատէի։ Երբ անիկա իմ վրաս յարձակէր, զանիկա մօրուքէն կը բռնէի, կը զարնէի ու կը մեռցնէի։ Քու ծառադ առիւծ ալ մեռցուցած է, արջ ալ ու այս անթլփատ Փղշտացին ալ անոնցմէ մէկուն պէս պիտի ընէ, քանզի կենդանի Աստուծոյն զօրքերը նախատեց»։ Դաւիթ ըսաւ. «Առիւծին ու արջին ձեռքէն զիս ազատող Տէրը այս Փղշտացիին ձեռքէն ալ պիտի ազատէ»։ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ»։ Սաւուղ իր հանդերձները Դաւիթին հագցուց ու անոր գլուխը պղնձէ սաղաւարտ մը դրաւ ու անոր զրահ ալ հագցուց։ Դաւիթ հանդերձներուն վրայէն Սաւուղին սուրը մէջքը կապեց ու փորձեց քալել, քանզի սորված չէր։ Բայց Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ասոնցմով չեմ կրնար քալել, քանզի սորված չեմ»։ Ուստի Դաւիթ զանոնք իր վրայէն հանեց։ Իր ցուպը ձեռքը առաւ ու հեղեղատէն իրեն համար հինգ հատ գայլախազ քար ընտրեց ու զանոնք իր հովուական ամանին, այսինքն մախաղին մէջ դրաւ ու պարսատիկը ձեռքը բռնելով Փղշտացիին մօտեցաւ։ Փղշտացին ալ եկաւ ու Դաւիթին մօտեցաւ եւ անոր վահանը վերցնող մարդը անոր առջեւ էր։ Երբ Փղշտացին նայեցաւ ու Դաւիթը տեսաւ, զանիկա արհամարհեց. քանզի անիկա կարմիր գոյնով ու գեղեցիկ դէմքով պատանի մըն էր։ Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. «Միթէ ես շո՞ւն եմ, որ իմ վրաս ցուպով կու գաս» ու իր աստուածներովը Դաւիթը նզովեց։ Փղշտացին ըսաւ Դաւիթին. «Ինծի եկո՛ւր, որ քու մարմինդ երկնքի թռչուններուն ու դաշտի գազաններուն տամ»։ Դաւիթ ըսաւ Փղշտացիին. «Դուն ինծի սրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տէրոջը, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ։ Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ՝ ՝ ու ես քեզ պիտի մեռցնեմ ու վրայէդ գլուխդ պիտի առնեմ եւ Փղշտացիներուն բանակին դիակները այսօր երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն պիտի տամ. որպէս զի բոլոր երկիր գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած կայ Եւ այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սրով ու նիզակով չազատեր. քանզի պատերազմը Տէրոջն է ու անիկա ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ»։ Երբ Փղշտացին ելաւ ու եկաւ Դաւիթին մօտեցաւ, Դաւիթ ալ շուտով պատերազմի ասպարէզը վազեց Փղշտացին դիմաւորելու։ Դաւիթ իր ձեռքը մախաղին մէջ խոթեց ու անկէ քար մը առաւ եւ զանիկա պարսատիկով նետեց ու Փղշտացիին ճակտին զարկաւ եւ քարը անոր ճակտին մէջ մտաւ ու անիկա երեսի վրայ գետինը ինկաւ։ Այսպէս Դաւիթ պարսատիկով ու քարով Փղշտացիին յաղթեց եւ զարկաւ Փղշտացիին ու մեռցուց զանիկա. բայց Դաւիթին ձեռքը սուր չկար։ Դաւիթ վազելով Փղշտացիին վրայ կայնեցաւ ու անոր սուրը բռնեց, պատեանէն հանեց ու զանիկա մեռցնելէն ետքը գլուխը անով կտրեց։ Փղշտացիները իրենց զօրաւոր մարդուն մեռնիլը տեսնելով՝ փախան։ Այն ատեն Իսրայէլի ու Յուդայի մարդիկը ելան եւ աղաղակներով մինչեւ հովիտը ու մինչեւ Ակկարոնի դռները Փղշտացիները հալածեցին եւ Փղշտացիներէն մեռցուածները Սագարիմի ճամբուն վրայ ու մինչեւ Գէթ ու Ակկարոն ինկան։ Եւ Իսրայէլի որդիները Փղշտացիները հալածելէն ետ դարձան ու անոնց բանակը կողոպտեցին։ Դաւիթ Փղշտացիին գլուխը առաւ ու զանիկա Երուսաղէմ տարաւ. բայց անոր զէնքերը իր վրանին մէջ դրաւ։ Երբ Սաւուղ Դաւիթը տեսաւ, որ Փղշտացիին դէմ ելեր է, իր զօրավարին՝ Աբեններին՝ ըսաւ. «Ո՛վ Աբեններ, այս պատանին որո՞ւն տղան է»։ Ու Աբեններ ըսաւ. «Կենդանի է քու անձդ, ո՛վ թագաւոր, որ չեմ գիտեր»։ Եւ թագաւորը ըսաւ. «Հարցուր թէ այս պատանին որո՞ւն տղան է»։ Երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն ետ դարձաւ, Աբեններ առաւ զանիկա ու Սաւուղին առջեւ տարաւ ու Փղշտացիին գլուխը անոր ձեռքն էր։ Սաւուղ ըսաւ անոր. «Որո՞ւն տղան ես դուն, պատանի»։ Ու Դաւիթ ըսաւ. «Քու ծառադ Բեթլէհեմացի Յեսսէին տղան եմ»։ Երբ Սաւուղին հետ խօսիլը լմնցուց, Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա։ Նոյն օրը Սաւուղ զանիկա առաւ ու թող չտուաւ որ իր հօրը տունը դառնայ։ Յովնաթան Դաւիթին հետ ուխտ ըրաւ, քանզի իր անձին պէս կը սիրէր զանիկա։ Յովնաթան իր վրայի վերարկուն հանեց եւ զանիկա ու իր հանդերձները, մինչեւ իսկ իր սուրը, իր աղեղն ու իր գօտին Դաւիթին տուաւ։ Դաւիթ ամէն տեղ կ’երթար, ուր որ Սաւուղ զանիկա կը ղրկէր ու իմաստութեամբ կը վարուէր։ Սաւուղ զանիկա պատերազմական մարդոց վրայ կեցուց ու բոլոր ժողովուրդին ու Սաւուղի ծառաներուն ալ հաճոյ եղաւ։ Երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն կը դառնար ու զօրքերը կու գային, Իսրայէլի բոլոր քաղաքներէն կիները երգելով ու պար բռնելով, թմբուկներով, ուրախութեամբ ու ծնծղաներով Սաւուղ թագաւորը դիմաւորելու ելան։ Պար բռնող կիները կ’երգէին ու կ’ըսէին. «Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Իսկ Դաւիթ՝ բիւրաւորները»։ Սաւուղ խիստ բարկացաւ ու այս խօսքին համար դժգոհեցաւ ու ըսաւ. «Բիւրաւորները Դաւիթին տուին ու հազարաւորները ինծի տուին։ Հիմա թագաւորութենէ ուրիշ ի՞նչ պակաս մնաց անոր» Այն օրէն սկսեալ Սաւուղ ծուռ աչքով կը նայէր Դաւիթին։ Հետեւեալ օրը Սաւուղին վրայ Աստուծմէ չար ոգի եկաւ ու տանը մէջ մարգարէութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ուրիշ անգամներու պէս իր ձեռքով քնար կը զարնէր ու Սաւուղին ձեռքը նիզակ մը կար։ Եւ Սաւուղ նիզակը նետեց՝ ըսելով. «Դաւիթը պատին վրայ պիտի գամեմ»։ Բայց Դաւիթ անոր առջեւէն երկու անգամ մէկդի քաշուեցաւ։ Սաւուղ Դաւիթին երեսէն կը վախնար, քանզի Տէրը անոր հետ էր. բայց Սաւուղէն հեռացեր էր։ Սաւուղ զանիկա իր քովէն հեռացուց ու հազարապետ ըրաւ։ Անիկա ժողովուրդին առջեւ կ’ելլէր ու կը մտնէր։ Դաւիթ իր բոլոր ճամբաներուն մէջ իմաստութեամբ կը վարուէր ու Տէրը անոր հետ էր։ Սաւուղ անոր իմաստութեամբ վարուիլը տեսնելով անոր երեսէն կը վախնար։ Բոլոր Իսրայէլ եւ Յուդա Դաւիթը կը սիրէին, քանզի անոնց առջեւ անիկա կ’ելլէր ու կը մտնէր։ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Ահա իմ մեծ աղջիկս Մերովբը քեզի կնութեան պիտի տամ, միայն թէ դու ինծի զօրաւոր մէկը եղիր ու Տէրոջը պատերազմները պատերազմէ. քանզի Սաւուղ ըսաւ. «Անոր վրայ իմ ձեռքս թող չըլլայ, այլ Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ թող ըլլայ»։ Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ ու իմ կեանքս կամ իմ հօրս ազգատոհմը Իսրայէլի մէջ ի՞նչ է, որ թագաւորին փեսայ ըլլամ»։ Սաւուղին աղջիկը Մերովբը Դաւիթին տրուելու տեղ՝ Մաուլացի Եդրիէլին տրուեցաւ։ Սաւուղին Մեղքող աղջիկը կը սիրեր Դաւիթը. երբ Սաւուղին իմացուցին, այս բանը անոր աչքերուն հաճոյ երեւցաւ։ Սաւուղ ըսաւ. «Ես զանիկա անոր տամ, որպէս զի անոր որոգայթ ըլլայ ու Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ ըլլայ»։ Ուստի Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Ինծի երկրորդ փեսայ եղիր»։ Սաւուղ իր ծառաներուն հրամայեց, որ Դաւիթին հետ ծածկաբար խօսին ու ըսեն. «Ահա թագաւորը քեզի հաւներ է ու անոր բոլոր ծառաները քեզ կը սիրեն. ուստի հիմա թագաւորին փեսայ եղիր»։ Սաւուղին ծառաները այս խօսքերը Դաւիթին ականջներուն խօսեցան։ Դաւիթ ըսաւ. «Թագաւորին փեսայ ըլլալը ձեր աչքին պզտի՞կ բան կ’երեւնայ. քանզի ես աղքատ ու աննշան մարդ մըն եմ»։ Սաւուղին ծառաները իրեն իմացուցին ու ըսին. «Դաւիթ այսպէս խօսեցաւ»։ Սաւուղ ըսաւ. «Դաւիթին այսպէս ըսէք. ‘Թագաւորը ուրիշ օժիտ չուզեր, բայց միայն Փղշտացիներէն հարիւր անթլփատութիւն, որպէս զի թագաւորին թշնամիներէն վրէժ առնուի’» (Սաւուղ կը խորհէր Դաւիթը Փղշտացիներու ձեռքը մատնել՝ ՝)։ Ու երբ անոր ծառաները այս խօսքերը Դաւիթին իմացուցին, Դաւիթին աչքերուն աղէկ երեւցաւ թագաւորին փեսայ ըլլալը, Ուստի օրերուն լմննալէն առաջ՝ Դաւիթ ելաւ ու իր մարդոցմով գնաց եւ Փղշտացիներէն երկու հարիւր մարդ մեռցուց ու Դաւիթ անոնց անթլփատութիւնները բերաւ ու զանոնք լման թագաւորին տուին, որպէս զի թագաւորին փեսայ ըլլայ։ Սաւուղ իր Մեղքող աղջիկը կնութեան տուաւ անոր։ Սաւուղ երբ տեսաւ ու հասկցաւ թէ Տէրը Դաւիթին հետ է ու իր Մեղքող աղջիկը զանիկա կը սիրէ, Սաւուղ ալ աւելի վախցաւ Դաւիթէն։ Սաւուղ շարունակ Դաւիթին թշնամութիւն կ’ընէր։ Ու Փղշտացիներու իշխանները ելան ու անոնց ելլելէն ետքը Դաւիթ Սաւուղին բոլոր ծառաներէն աւելի իմաստութեամբ կը վարուէր ու անոր անունը շատ հռչակուեցաւ։ Սաւուղ իր որդիին Յովնաթանին ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ, որ Դաւիթը մեռցնեն։ Բայց Սաւուղին որդին՝ Յովնաթան Դաւիթը շատ կը սիրէր ու Յովնաթան Դաւիթին իմացուց ու ըսաւ. «Իմ հայրս Սաւուղ քեզ մեռցնել կ’ուզէ. ուրեմն մինչեւ առտու զգոյշ կեցիր ու ծածուկ տեղ մը նստէ ու պահուէ՛, Իսկ ես ելլեմ եւ քու նստած արտիդ մէջ հօրս քով կենամ ու քեզի համար իմ հօրս խօսիմ եւ ինչ որ իմանամ՝ քեզի պիտի պատմեմ»։ Յովնաթան Դաւիթին վրայով աղէկ խօսքեր խօսեցաւ իր հօրը Սաւուղին եւ անոր ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քու ծառայիդ Դաւիթին դէմ մեղք մի՛ գործեր. քանզի անիկա քեզի դէմ մեղք մը չըրաւ ու անոր գործերը քեզի համար շատ աղէկ են։ Վասն զի իր հոգին ձեռքին մէջ դրաւ ու Փղշտացին զարկաւ եւ Տէրը բոլոր Իսրայէլի մեծ փրկութիւն մը շնորհեց։ Դուն տեսար եւ ուրախացար։ Ինչո՞ւ համար Դաւիթը առանց պատճառի մեռցնելով՝ անմեղ արիւն պիտի թափես»։ Սաւուղ Յովնաթանին խօսքին մտիկ ըրաւ ու Սաւուղ երդում ըրաւ, ըսելով. «Տէրը կենդանի է, որ անիկա պիտի չմեռցուի»։ Յովնաթան Դաւիթը կանչեց ու Յովնաթան այս բոլոր խօսքերը անոր պատմեց եւ Յովնաթան Դաւիթը Սաւուղին տարաւ ու անիկա կրկին անոր առջեւ կը կենար։ Նորէն պատերազմ եղաւ ու Դաւիթ ելաւ Փղշտացիներուն հետ պատերազմեցաւ ու անոնց մեծ կոտորած մը ըրաւ։ Անոնք անոր առջեւէն փախան։ Սաւուղին վրայ Տէրոջմէն չար ոգի եկաւ եւ անիկա իր տունը կը նստէր ու նիզակը իր ձեռքն էր, Դաւիթ ալ իր ձեռքով նուագարանը կը զարնէր։ Եւ Սաւուղ ուզեց, որ Դաւիթը նիզակով զարնէ ու պատին գամէ. բայց անիկա Սաւուղին երեսէն մէկդի քաշուեցաւ։ Սաւուղ նիզակը պատին զարկաւ, բայց Դաւիթ փախաւ եւ այն գիշերը ազատեցաւ։ Բայց Սաւուղ Դաւիթին տունը մարդիկ ղրկեց, որպէս զի զանիկա պաշարեն ու առաւօտուն մեռցնեն։ Սակայն Դաւիթին կինը՝ Մեղքող՝ անոր իմացուց ու ըսաւ. «Եթէ այս գիշեր քու անձդ չապրեցնես, վաղը քեզ պիտի մեռցնեն»։ Ուստի Մեղքող Դաւիթը պատուհանէն վար իջեցուց եւ անիկա փախաւ գնաց ու ազատեցաւ։ Ու Մեղքող արձան մը առաւ եւ զանիկա անկողինին մէջ դրաւ ու անոր գլխուն տակ այծի մազէ բարձ մը դրաւ եւ զանիկա ծածկոցով մը ծածկեց։ Ու երբ Սաւուղ մարդիկ ղրկեց Դաւիթը բռնելու համար, անիկա ըսաւ. «Հիւանդ է»։ Սաւուղ նորէն մարդիկ ղրկեց Դաւիթը տեսնելու համար ու ըսաւ. «Զանիկա մահիճովը ինծի բերէք, որպէս զի մեռցնեմ»։ Երբ մարդիկը եկան, անկողնին մէջ արձան մը կար ու գլխուն տակ այծի մազէ բարձ մը։ Եւ Սաւուղ Մեղքողին ըսաւ. «Զիս ինչո՞ւ համար այսպէս խաբեցիր ու իմ թշնամիս թող տուիր որ ազատուի»։ Մեղքող Սաւուղին ըսաւ. «Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Թող տուր զիս որպէս զի երթամ. ինչո՞ւ մեռցնեմ քեզ’»։ Այսպէս փախաւ Դաւիթ ու ազատեցաւ եւ Ռամա գնաց Սամուէլին քով ու անոր պատմեց այն ամէնը՝ որ Սաւուղ ըրեր էր իրեն։ Անիկա Սամուէլին հետ գնաց ու Նաւաթի մէջ բնակեցան։ Սաւուղին իմացուցին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Ռամայի Նաւաթին մէջ է»։ Այն ատեն Սաւուղ մարդիկ ղրկեց որպէս զի Դաւիթը բռնեն ու անոնք մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն խումբը եւ անոնց վրայ կեցող Սամուէլը երբ տեսան, Աստուծոյ Հոգին Սաւուղին ղրկած մարդոց վրայ եկաւ ու անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։ Երբ Սաւուղին իմացուցին, ուրիշ մարդիկ ղրկեց։ Անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։ Սաւուղ նորէն երրորդ անգամ մարդիկ ղրկեց։ Անոնք ալ մարգարէութիւն ըրին։ Այն ատեն ինք ալ Ռամա գնաց ու մինչեւ Սոկքովի մեծ ջրհորը գալով, հարցուց ու ըսաւ. «Սամուէլ ու Դաւիթ ո՞ւր են»։ Եւ մարդ մը ըսաւ. «Ահա անոնք Ռամայի Նաւաթն են»։ Ուստի Ռամայի Նաւաթը գնաց եւ անոր վրայ ալ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու մինչեւ Ռամայի Նաւաթը հասնիլը ճամբան երթալով մարգարէութիւն կ’ընէր։ Եւ անիկա ալ իր լաթերը հանեց ու Սամուէլին առջեւ ինքն ալ մարգարէութիւն ըրաւ եւ այն բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը մերկ ինկաւ գետինը. անոր համար ըսուեցաւ. «Սաւո՞ւղ ալ մարգարէներուն մէջ է»։ Դաւիթ Ռամայի Նաւաթէն փախաւ ու գնաց Յովնաթանին առջեւ ու ըսաւ. «Ես ի՞նչ ըրեր եմ, յանցանքս ի՞նչ է ու ի՞նչ մեղք գործեր եմ քու հօրդ առջեւ, որ անիկա զիս մեռցնել կ’ուզէ»։ Յովնաթան ըսաւ անոր. «Քա՜ւ լիցի, դուն պիտի չմեռնիս. ահա իմ հայրս մեծ կամ պզտիկ բան մը չըներ առանց ինծի յայտնելու։ Իմ հայրս ինչո՞ւ համար այդ բանը ինծմէ պիտի պահէ։ Այդպիսի բան չկայ»։ Իսկ Դաւիթ երդում ալ ըրաւ ու ըսաւ. «Քու հայրդ աղէկ գիտէ, որ ես քու առջեւդ շնորհք գտեր եմ. անոր համար կ’ըսէ թէ՝ ‘Յովնաթան այս բանը թող չգիտնայ, չըլլայ թէ վշտանայ’. բայց կենդանի է Տէրը ու կենդանի է քու անձդ, որ իմ ու մահուան մէջտեղ միայն մէկ քայլ մնացեր է»։ Յովնաթան ըսաւ Դաւիթին. « Սրտիդ ուզած բանը ինծի ըսէ ու՝ ՝ ես քեզի ընեմ»։ Դաւիթ ըսաւ Յովնաթանին. «Ահա վաղը ամսագլուխ է ու պէտք է որ ես թագաւորին հետ կերակուր ուտելու համար սեղան նստիմ. սակայն թուլատրէ, որ մինչեւ երրորդ օրուան իրիկունը դաշտին մէջ պահուիմ։ Եթէ քու հայրդ զիս փնտռելու ըլլայ, ըսէ թէ Դաւիթ ինծի շատ աղաչեց, որ աճապարանքով իր քաղաքը Բեթլէհէմ երթայ. քանզի հոն իր բոլոր ազգատոհմին տարեկան զոհը պիտի ըլլայ։ Եթէ հայրդ ըսէ՝ ‘Աղէկ’, ըսել է քու ծառայիդ խաղաղութիւն է. բայց եթէ խիստ բարկանայ, գիտցիր թէ անիկա որոշեր է ինծի չարութիւն ընել։ Ուստի ծառայիդ ողորմութիւն ըրէ՛, քանզի դուն քու ծառայիդ հետ Տէրոջը անունովը ուխտ ըրիր ու եթէ իմ վրաս յանցանք մը կայ, դուն մեռցուր զիս. ինչո՞ւ համար զիս քու հօրդ տանիս»։ Յովնաթան ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, որ ես ստոյգ գիտնալով թէ իմ հօրս կողմանէ քեզի համար չարիք որոշուած է, քեզի չիմացնեմ»։ Ու Դաւիթ ըսաւ Յովնաթանին. «Հապա եթէ քու հայրդ քեզի խստութեամբ պատասխան տայ, ինծի ո՞վ պիտի իմացնէ»։ Յովնաթան ըսաւ Դաւիթին. «Եկուր, դաշտը ելլենք» ու երկուքը դաշտը ելան։ Եւ Յովնաթան ըսաւ Դաւիթին. « Վկայ է Իսրայէլի Տէր Աստուածը. եթէ վաղը այս ատեն կամ միւս օր իմ հայրս քննելով տեսնեմ թէ քեզի համար աղէկութիւն մը կայ եւ նոյն ատեն մարդ չղրկեմ ու քեզի չյայտնեմ, Տէրը Յովնաթանին այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ. բայց եթէ իմ հայրս քեզի չարութիւն մը ընել ուզէ, զանիկա ալ քեզի պիտի յայտնեմ ու քեզ պիտի արձակեմ, որպէս զի խաղաղութեամբ երթաս ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ, ինչպէս իմ հօրս հետ էր։ Եւ ոչ միայն իմ կենդանութեանս ատեն դուն ինծի Տէրոջը ողորմութիւնը ընես՝ որպէս զի ես չմեռնիմ, Այլ քու ողորմութիւնդ իմ տունէս յաւիտեան չկտրես, ոչ ալ այն ատեն երբ Տէրը քու բոլոր թշնամիներդ երկրի վրայէն վերցնէ»։ Եւ Յովնաթան Դաւիթին տանը հետ դաշնակցութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Տէրը թող Դաւիթին թշնամիներէն վրէժ առնէ»։ Յովնաթան Դաւիթին նորէն երդում ընել տուաւ՝ զանիկա սիրելուն համար. քանզի զանիկա իր անձին պէս կը սիրէր։ Յովնաթան անոր ըսաւ. «Վաղը ամսագլուխ է ու դուն պիտի փնտռուիս, քանզի քու տեղդ պարապ պիտի մնայ։ Երրորդ օրը շուտով իջի՛ր եւ եկո՛ւր այն տեղ՝ ուր գործին օրը պահուեցար եւ Եզելի քարին վրայ նստի՛ր։ Ես անոր քով նշանի մը նետելու պէս՝ երեք նետ պիտի նետեմ Եւ մանչը պիտի ղրկեմ՝ ըսելով. ‘Գնա՛, նետերը գտիր’։ Եթէ մանչուն ըսեմ՝ ‘Ահա նետերը քեզմէ ասդին են, զանոնք առ’, այ ատեն եկուր, քանզի խաղաղութիւն է։ Տէրը կենդանի է որ բան մը չկայ։ Բայց եթէ մանչուն ըսեմ՝ ‘Նետերը քեզմէ անդին են’, այն ատեն գնա՛, քանզի Տէրը քեզ կը ղրկէ։ Այս խօսքին համար, որ ես ու դուն խօսեցանք, ահա Տէրը իմ ու քու մէջտեղ յաւիտեան վկայ թող ըլլայ »։ Դաւիթ դաշտին մէջ պահուեցաւ եւ ամսագլուխը հասնելով՝ թագաւորը կերակուր ուտելու համար սեղան նստաւ։ Թագաւորը իր սովորութեանը պէս իր աթոռը՝ պատին կռթնած աթոռը՝ նստաւ ու Յովնաթան ոտքի ելաւ եւ Սաւուղին քով Աբեններ նստաւ, բայց Դաւիթին տեղը պարապ մնաց։ Սաւուղ այն օրը բան մը չխօսեցաւ, քանզի ըսաւ. «Անոր բան մը պատահեր է. անիկա մաքուր չէ, անտարակոյս մաքուր պիտի չըլլայ»։ Հետեւեալ օրը, ամսուան երկրորդ օրն ալ, Դաւիթին տեղը պարապ էր. ուստի Սաւուղ իր որդիին Յովնաթանին ըսաւ. «Յեսսէին որդին ինչո՞ւ համար երէկ ու այսօր սեղան չեկաւ»։ Եւ Յովնաթան Սաւուղին պատասխանեց. «Դաւիթ ինծի շատ աղաչեց որ Բեթլէհէմ երթայ Ու ըսաւ՝ ‘Շնորհք ըրէ, զիս ղրկէ, քանզի այն քաղաքին մէջ մեր ազգատոհմը զոհ կ’ընէ ու իմ եղբայրս ինծի պատուիրած է եւ եթէ քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտեր եմ, կ’աղաչեմ զիս թող տուր որ երթամ ու եղբայրներս տեսնեմ’. այս պատճառով թագաւորին սեղանը չեկաւ»։ Սաւուղին բարկութիւնը բորբոքեցաւ Յովնաթանին դէմ ու անոր ըսաւ. «Ո՛վ ապստամբ ու չար զաւակ, ես չե՞մ գիտեր թէ դուն Յեսսէին որդին ընտրեցիր քեզ ու մայրդ խայտառակելու համար։ Քանզի՝ քանի որ Յեսսէի որդին երկրի վրայ ողջ է, դուն պիտի չհաստատուիս, ոչ ալ քու թագաւորութիւնդ. ուստի հիմա մարդ ղրկէ ու զանիկա ինծի բե՛ր։ Անիկա մահու արժանի է»։ Յովնաթան իր հօրը Սաւուղին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար պիտի մեռցուի, անիկա ի՞նչ ըրաւ»։ Սաւուղ նիզակը նետեց անոր, որպէս զի զանիկա զարնէ։ Այն ատեն Յովնաթան իմացաւ թէ իր հայրը որոշեր է Դաւիթը մեռցնել։ Յովնաթան սաստիկ բարկութեամբ սեղանէն ելաւ ու ամսուան երկրորդ օրը կերակուր չկերաւ. քանզի Դաւիթին համար սիրտը կոտրեցաւ, որովհետեւ իր հայրը զանիկա անարգեց։ Յովնաթան առաւօտուն դաշտը ելաւ, ինչպէս Դաւիթին հետ որոշեր էր։ Իրեն հետ պզտիկ մանչ մը կար։ Իր մանչուն ըսաւ. «Վազէ ու այս իմ նետած նետերս գտիր»։ Մանչուն վազած ատենը անիկա նետը անկէ անդին նետեց։ Երբ մանչը Յովնաթանին նետած նետին տեղը գնաց, Յովնաթան մանչուն ետեւէն կանչելով՝ ըսաւ. «Նետը քեզմէ անդին է»։ Յովնաթան մանչուն ետեւէն կանչեց. «Շուտ ըրէ՛, աճապարէ՛, մի՛ կենար»։ Յովնաթանին մանչը նետերը հաւաքեց, իր տիրոջը եկաւ։ Բայց մանչը բան մը չէր գիտեր։ Այս բանը միայն Յովնաթան ու Դաւիթ գիտէին։ Յովնաթան իր գործիքները իր մանչուն տուաւ ու անոր ըսաւ. «Գնա՛, քաղաքը տար» Ու երբ մանչը գնաց, Դաւիթ հարաւային կողմէն ելաւ ու երեսի վրայ գետինը ինկաւ ու երեք անգամ երկրպագութիւն ըրաւ եւ մէկզմէկ համբուրեցին ու իրարու վրայ լացին։ Դաւիթ չափէն աւելի շատ լացաւ։ Յովնաթան Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ ինչպէս երկուքս ալ Տէրոջը անունովը երդում ըրինք ու ըսինք՝ ‘Տէրը իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ սերունդիս ու քու սերունդիդ մէջտեղ վկայ ըլլայ մինչեւ յաւիտեան’»։ Եւ Դաւիթ ելաւ գնաց։ Յովնաթան ալ քաղաքը դարձաւ։ Դաւիթ Նոբ գնաց Աքիմելէք քահանային։ Աքիմելէք զարհուրելով Դաւիթը դիմաւորեց ու անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մինակ ես ու քեզի հետ մարդ չկայ»։ Եւ Դաւիթ Աքիմելէք քահանային ըսաւ. «Թագաւորը ինծի բան մը հրամայեց ու ինծի ըսաւ. ‘Մա՛րդ թող չգիտնայ այն բանը որուն համար քեզ կը ղրկեմ ու ինչ որ քեզի հրամայեցի’։ Ես մանչերուն մէկմէկ տեղ որոշեր եմ։ Հիմա ի՞նչ կայ ձեռքիդ տակ։ Ինծի հինգ հատ հաց տուր, կամ ինչ որ կը գտնուի»։ Քահանան Դաւիթին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ձեռքիս տակ հասարակ հաց չկայ, միայն սուրբ հաց կայ. եթէ մանչերը գոնէ կիներէ զգուշացած են՝ թող ուտեն »։ Դաւիթ քահանային պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. «Իրաւցընէ կիները մեզմէ հեռու են իմ ճամբայ ելած օրէս, այսինքն երէկուընէ ու միւս օրուընէ եւ մանչերուն ամանները մաքուր են եւ այս ալ հասարակ հաց կրնայ սեպուիլ՝ ՝, մանաւանդ որ այսօր ամաններուն մէջ ուրիշ հաց կը սրբագործուի»։ Ուստի քահանան սուրբ հացը տուաւ անոր. քանզի հոն ուրիշ հաց չկար, բայց միայն առաջաւորութեան հացը, որ Տէրոջը առջեւէն կը վերցուէր ու վերցուած օրը տաք հաց կը դրուէր։ Այն օրը Սաւուղին ծառաներէն մէկը արգելափակուած էր ու անոր անունը Եդովմայեցի Դովեկ էր. անիկա Սաւուղին հովիւներուն գլուխն էր։ Դաւիթ Աքիմելէքին ըսաւ. «Այստեղ քու ձեռքիդ տակ նիզակ մը կամ սուր մը չկա՞յ. քանզի թագաւորին գործին ստիպողական ըլլալուն համար իմ սուրս ու զէնքերս ինծի հետ չառի»։ Քահանան ըսաւ. «Ահա Փղշտացի Գողիաթին սուրը՝ որ Էլայի հովիտին մէջ մեռցուցիր, անիկա եփուտին ետեւը լաթի մը մէջ փաթթուած կը կենայ. եթէ կ’ուզես զանիկա առնել՝ ա՛ռ, քանզի հոս անկէ ուրիշ չկայ»։ Դաւիթ ըսաւ. «Անոր նմանը չկայ. զանիկա ինծի տուր»։ Այն օրը Դաւիթ ելաւ ու Սաւուղին երեսէն փախաւ եւ Գէթի Անքուս թագաւորին գնաց։ Անքուսին ծառաները անոր ըսին. «Երկրին թագաւորը՝ Դաւիթը ասիկա չէ՞. ասոր համար չէ՞ր որ պար բռնողները կ’երգէին ու կ’ըսէին. Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Իսկ Դաւիթ իր բիւրաւորները»։ Դաւիթ այս խօսքերը իր սրտին մէջ դրաւ ու Գէթի թագաւորին Անքուսին երեսէն շատ վախցաւ։ Անոնց առջեւ իր դէմքը փոխելով՝ անոնց ձեռքին տակ զինք խենդ ձեւացուց. դռներու փեղկերուն վրայ նշաններ կը գծէր ու լորձունքները մօրուքին վրայ կը վազցնէր։ Եւ Անքուս իր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա այս մարդուն խենդ ըլլալը տեսաք. զանիկա ինչո՞ւ համար ինծի բերիք։ Միթէ ես խենդերու կարօ՞տ եմ, որ ատիկա իմ առջեւս բերիք խենդութիւն ընելու համար. ատիկա իմ տո՞ւնս պիտի մտնէ»։ Դաւիթ անկէ գնաց ու ողջ առողջ Ոդողոմի քարայրը հասաւ։ Իր եղբայրները եւ իր հօրը բոլոր տունը լսեցին ու անոր գացին։ Բոլոր նեղութեան մէջ եղող, պարտք ունեցող ու սիրտը վիրաւորուած՝ ՝ մարդիկը անոր քով հաւաքուեցան եւ անիկա անոնց վրայ զօրագլուխ եղաւ ու անոր քով չորս հարիւրի չափ մարդ հաւաքուեցան։ Դաւիթ անկէ Մովաբի Մասփան գնաց ու Մովաբի թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, իմ հայրս ու մայրս ձեր քով թող կենան, մինչեւ որ գիտնամ թէ Աստուած ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։ Զանոնք Մովաբի թագաւորին առջեւ բերել տուաւ եւ անոնք անոր քով բնակեցան որչափ ժամանակ որ Դաւիթ բերդին մէջ էր։ Գադ մարգարէն Դաւիթին ըսաւ. «Բերդին մէջ մի՛ նստիր, ելի՛ր Յուդայի երկիրը գնա»։ Դաւիթ գնաց Հարեթի անտառը մտաւ։ Սաւուղ լսեց թէ Դաւիթ ու անոր հետ եղող մարդիկը գտնուեր են։ Սաւուղ Գաբաայի մէջ Ռամայի ծառին տակ նստեր էր ու նիզակը իր ձեռքն էր եւ իր բոլոր ծառաներն ալ իր բոլորտիքը կեցեր էին։ Սաւուղ իր քովի ծառաներուն ըսաւ. «Ո՛վ որդիներ Բենիամինի, մտիկ ըրէ՛ք. միթէ Յեսսէին որդին ամենուդ ալ արտեր ու այգինե՞ր պիտի տայ. ամէնքդ ալ հազարապետներ ու հարիւրապետնե՞ր պիտի ընէ, Որ ամէնքդ ինծի դէմ միաբաներ էք ու Յեսսէին որդիին իմ որդիիս հետ ըրած դաշնակցութիւնը իմ ականջիս ըսող մը չկայ եւ ձեր մէջ մարդ մը չկայ, որ ինծի համար ցաւի ու ինծի յայտնէ թէ իմ որդիս իմ ծառաս ինծի դէմ հանեց, որպէս զի դարանամուտ ըլլայ, ինչպէս դուք այսօր կը տեսնէք »։ Սաւուղին ծառաներուն վերակացուն, Եդովմայեցի Դովեկը, պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Յեսսէին որդին տեսայ, որ Նոբ եկաւ Աքիտովբի որդիին Աքիմելէքին։ Անիկա Դաւիթին համար Տէրոջը հարցուց ու անոր պաշար տուաւ եւ անոր Փղշտացի Գողիաթին սուրը տուաւ»։ Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Աքիտովբի որդին Աքիմելէք քահանան ու անոր հօրը բոլոր տունը, Նոբի մէջ եղող քահանաները, կանչեց ու ամէնքն ալ թագաւորին եկան։ Սաւուղ ըսաւ. «Ո՛վ որդի Աքիտովբի, մտիկ ըրէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ, տէր իմ»։ Եւ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն ու Յեսսէին որդին ինծի դէմ միաբանեցաք ու դուն անոր հաց ու սուր տուիր եւ անոր համար Աստուծոյ հարցուցիր, որպէս զի անիկա ելլէ ինծի դարանամուտ ըլլայ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ »։ Աքիմելէք պատասխան տուաւ թագաւորին ու ըսաւ. «Քու բոլոր ծառաներուդ մէջ ո՞վ Դաւիթին պէս հաւատարիմ է, որ թագաւորի՝ փեսայ, քու ատեանիդ՝ վերակացու՝ ՝ ու քու տանդ մէջ պատուաւոր է։ Միթէ այսօ՞ր սկսայ անոր համար հարցնելու, քա՜ւ լիցի. թագաւորը իր ծառային վրայ ու իմ հօրս բոլոր տանը վրայ այսպիսի բան մը թող չվերագրէ, քանզի քու ծառադ այս բոլոր բաներէն պզտիկ կամ մեծ բան մը չէր գիտեր»։ Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Աքիմելէք, անպատճառ պիտի մեռնիք, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու հօրդ բոլոր տունը»։ Թագաւորը իր քով կայնող սուրհանդակներուն ըսաւ. «Դարձէ՛ք, Տէրոջը քահանաները մեռցուցէ՛ք, քանզի անոնց ձեռքն ալ Դաւիթին հետ է, որովհետեւ անոր փախչիլը գիտնալով՝ ինծի չյայտնեցին»։ Բայց թագաւորին ծառաները չուզեցին իրենց ձեռքը երկնցնել՝ Տէրոջը քահանաները զարնելու։ Թագաւորը Դովեկին ըսաւ. «Դո՛ւն դարձիր ու քահանաները զա՛րկ»։ Եդովմայեցի Դովեկ դարձաւ եւ քահանաները զարկաւ ու այն օրը անիկա ութսունըհինգ մարդ մեռցուց, որոնք քթանէ եփուտ կը հագնէին։ Քահանաներուն Նոբ քաղաքը սուրի բերնէ անցուց. այր մարդէն մինչեւ կին մարդը, տղայէն մինչեւ կաթնկեր մանուկը ու մինչեւ արջառը, էշն ու ոչխարը սուրի բերնէ անցուց ։ Աքիտովբեան Աքիմելէքի մէկ որդին, որուն անունը Աբիաթար էր, ազատեցաւ ու փախաւ Դաւիթին ետեւէն գնաց ։ Աբիաթար Դաւիթին պատմեց թէ Սաւուղ Տէրոջը քահանաները մեռցուց։ Եւ Դաւիթ Աբիաթարին ըսաւ. «Ես այն օրը գիտէի թէ Եդովմայեցի Դովեկ հոն գտնուելով՝ անշուշտ Սաւուղին պիտի պատմէ։ Քու հօրդ տանը բոլոր մարդոց մահուանը ես պատճառ եղայ։ Իմ քովս նստէ, մի՛ վախնար. քանզի իմ հոգիս փնտռողը քու հոգիդ ալ կը փնտռէ, բայց դուն իմ քովս ապահով ես։ Դաւիթին իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա Փղշտացիները Կէիլայի հետ պատերազմ կ՛ընեն ու կալերը կը կողոպտեն»։ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Երթամ այս Փղշտացիները զարնե՞մ»։ Տէրը Դաւիթին ըսաւ. «Գնա՛ Փղշտացիները զա՛րկ ու Կէիլան ազատէ»։ Դաւիթին մարդիկը անոր ըսին. «Ահա մենք հոս Յուդայի մէջ կը վախնանք. ալ ո՜րչափ աւելի՝ եթէ Կէիլա երթանք Փղշտացիներուն գունդերուն դէմ»։ Դաւիթ նորէն Տէրոջը հարցուց։ Տէրը անոր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ելի՛ր, Կէիլա իջի՛ր, քանզի ես Փղշտացիները քու ձեռքդ պիտի տամ»։ Եւ Դաւիթ իր մարդոցմով Կէիլա գնաց ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց անասունները առաւ եւ զանոնք մեծ հարուածով մը զարկաւ ու Դաւիթ Կէիլայի բնակիչները ազատեց։ Եւ Աքիմելէքին որդին Աբիաթար Դաւիթին քով Կէիլա փախած ատեն եփուտը ձեռքը բռնած իջաւ։ Երբ Սաւուղին իմացուցին թէ Դաւիթ Կէիլա մտեր է, Սաւուղ ըսաւ. «Աստուած իմ ձեռքս մատներ է զանիկա, քանզի դռներ ու նիգեր ունեցող քաղաքի մը մէջ մտեր գոցուեր է»։ Սաւուղ բոլոր ժողովուրդը պատերազմի կանչեց, որպէս զի Կէիլա իջնէ ու Դաւիթը եւ անոր մարդիկը պաշարէ։ Իսկ Դաւիթ իմանալով, որ Սաւուղ իրեն համար գաղտուկ չարութիւն մը կը ծրագրէ, Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Եփուտը մօտեցուր»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, քու ծառադ ստոյգ լսեց թէ Սաւուղ Կէիլայի վրայ գալ կ’ուզէ, որպէս զի քաղաքը իմ պատճառովս աւերէ. Արդեօք Կէիլայի բնակիչները զիս անոր ձեռքը պիտի մատնե՞ն ու ծառայիդ լսածին պէս Սաւուղ հոս պիտի իջնէ՞. ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, կ’աղաչեմ, ծառայիդ յայտնէ»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Պիտի իջնէ»։ Դաւիթ ըսաւ. «Կէիլայի բնակիչները զիս ու իմ մարդիկս Սաւուղի ձեռքը պիտի մատնե՞ն»։ Տէրը ըսաւ. «Պիտի մատնեն»։ Ուստի Դաւիթ ու իր մարդիկը, վեց հարիւր մարդու չափ, ելան Կէիլայէն գացին եւ ո՛ւր որ կրնային երթալ՝ գացին։ Երբ Դաւիթին Կէիլայէն ելլելը Սաւուղին իմացուցին, Սաւուղ հոն երթալէն ետ կեցաւ։ Դաւիթ անապատին մէջ ամուր տեղեր կը նստէր ու Զիփի անապատին մէջ լերան մը վրայ նստաւ։ Սաւուղ ամէն օր զանիկա կը փնտռէր, բայց Աստուած անոր ձեռքը չմատնեց զանիկա։ Դաւիթ տեսնելով որ Սաւուղ իր անձը փնտռելու ելեր է, Զիփի անապատէն անտառի մը մէջ քաշուեցաւ։ Սաւուղին որդին Յովնաթան ելաւ անտառը գնաց Դաւիթին ու անոր ձեռքը Աստուծմով զօրացուց։ Եւ անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի իմ հօրս Սաւուղին ձեռքը քեզ պիտի չգտնէ։ Դուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս ու ես քու երկրորդդ պիտի ըլլամ։ Այս բանը իմ հայրս Սաւուղ ալ գիտէ»։ Ու երկուքը Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրին եւ Դաւիթ անտառին մէջ մնաց, բայց Յովնաթան իր տունը դարձաւ։ Զիփացիք Գաբաա ելան Սաւուղին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ մեր քով ամուր տեղերը անտառին մէջ, Եքեղա բլուրին վրայ, Եսիմոնի հարաւային կողմը պահուած է։ Հիմա, ո՛վ թագաւոր, եթէ քու անձդ իջնելու կը փափաքի՝ իջի՛ր ու զանիկա թագաւորին ձեռքը մատնելը մեր գործն է»։ Սաւուղ ըսաւ. «Դուք Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաք, որ ինծի ցաւակից եղաք։ Ուրեմն գացէ՛ք ու աւելի աղէկ գիտցէ՛ք եւ անոր ոտքին կոխած տեղը դիտեցէ՛ք ու տեսէ՛ք եւ թէ ո՞վ զանիկա հոն տեսեր է. քանզի ինծի ըսած են թէ անիկա շատ խորամանկ է։ Ուստի նայեցէ՛ք ու անոր բոլոր պահուելու տեղերը իմացէ՛ք եւ այսպէս ստուգելով ինծի դարձէ՛ք, որպէս զի ձեզի հետ երթամ ու եթէ անիկա այն երկրին մէջ է, զանիկա Յուդայի հազարաւորներուն մէջ աղէկ մը պիտի փնտռեմ»։ Անոնք ելան եւ Սաւուղին առջեւէն Զիփ գացին։ Դաւիթ իր մարդոցմով Մաոնի անապատը դաշտին մէջ, Եսիմոնի հարաւային կողմը, նստեր էր ։ Սաւուղ իր մարդոցմով զանիկա փնտռելու գնաց։ Երբ Դաւիթին իմացուցին՝ վէմը իջաւ եւ Մաոնի անապատին մէջ նստաւ։ Երբ Սաւուղ լերանը այս կողմէն կ’երթար, Դաւիթ ալ իր մարդոցմով լերանը անդիի կողմէն կ’երթար ։ Դաւիթ կը փութար որ Սաւուղին երեսէն փախչի, բայց Սաւուղ ու իր մարդիկը Դաւիթին ու անոր մարդոցը չորս կողմը շրջապատեցին, որպէս զի զանոնք բռնեն։ Լրաբեր մը եկաւ ու Սաւուղին ըսաւ. «Շուտով եկո՛ւր, քանզի Փղշտացիները երկիրը կոխեցին»։ Ուստի Սաւուղ Դաւիթը հալածելէն դարձաւ գնաց, որպէս զի Փղշտացիներուն դէմ դնէ. անոր համար այն տեղը Սելա-Մահլէգօթ կոչուեցաւ։ Դաւիթ անկէ ելաւ ու Ենգադդիի ամուր տեղերը նստաւ։ Երբ Սաւուղ Փղշտացիներէն ետ դարձաւ, անոր իմացուցին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Ենգադդիի մէջ է»։ Սաւուղ բոլոր Իսրայէլէն երեք հազար ընտրուած մարդիկ առաւ ու գնաց, որպէս զի Դաւիթն ու անոր մարդիկը փնտռէ այծեամներու ժայռերուն վրայ։ Ճամբուն վրայ եղող ոչխարներուն փարախները եկաւ ու հոն քարայր մը կար։ Սաւուղ հարկաւորութեան համար ներս մտաւ։ Դաւիթ իր մարդոցմով ներսը նստեր էր։ Դաւիթին մարդիկը անոր ըսին. «Ահա Տէրոջը քեզի ըսած օրը ասիկա է, թէ ‘Քու թշնամիդ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ’։ Քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։ Դաւիթ ելաւ եւ Սաւուղին վերարկուին ծայրը գաղտուկ կտրեց։ Բայց յետոյ Դաւիթին սիրտը զղջաց, Սաւուղին վերարկուին ծայրը կտրելուն համար։ Իր մարդոցը ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ Տէրոջը օծեալին, իմ տիրոջս, այս բանը ընեմ, ձեռքս անոր վրայ երկնցնելով. քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է»։ Դաւիթ այս խօսքերով իր մարդիկը զսպեց ու չթողուց որ Սաւուղին վրայ յարձակին։ Սաւուղ քարայրէն դուրս ելաւ ու իր ճամբան գնաց։ Անոր ետեւէն Դաւիթ ալ քարայրէն դուրս ելաւ ու Սաւուղին ետեւէն կանչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր»։ Երբ Սաւուղ ետին նայեցաւ, Դաւիթ երեսը գետինը ծռելով երկրպագութիւն ըրաւ Եւ ըսաւ Սաւուղին. «Ինչո՞ւ համար մարդոց խօսքին մտիկ կ’ընես, որոնք քեզի կ’ըսեն թէ՝ ‘Ահա Դաւիթ քեզի չարութիւն ընել կը ջանայ’։ Ահա այսօր քու աչքերդ կը տեսնեն, թէ Տէրը այսօր քարայրին մէջ քեզ իմ ձեռքս մատնեց ու ըսին որ քեզ մեռցնեմ, բայց ես քեզի խնայեցի ու ըսի. ‘Ես իմ ձեռքս իմ տիրոջս չեմ երկնցներ, քանզի անիկա Տէրոջը օծեալն է’։ Տե՛ս, հայր իմ, տե՛ս, քու վերարկուիդ ծայրը իմ ձեռքիս մէջ է ու ես քու վերարկուիդ ծայրը կտրեցի բայց քեզի չմեռցուցի. ասկէ հասկցիր ու տես, թէ իմ ձեռքիս մէջ չարութիւն ու անօրէնութիւն չկայ ու քեզի դէմ յանցանք մը չեմ ըրած, բայց դուն զիս մեռցնելու կ’աշխատիս՝ ՝։ Տէրը դատաստան թող ընէ իմ ու քու մէջտեղ ու Տէրը իմ վրէժս քեզմէ թող առնէ. բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։ Ինչպէս հին առակը կ’ըսէ՝ ‘Անօրէններէն անօրէնութիւն կ’ելլէ’, բայց իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չըլլայ։ Իսրայէլի թագաւոր, որո՞ւն ետեւէն ինկեր կը հալածես. մեռած շա՞ն ետեւէն, լուի՞ մը ետեւէն ելար ։ Ուստի Տէրը դատաւոր թող ըլլայ եւ իմ ու քու մէջտեղ դատաստան թող ընէ եւ տեսնէ՛ ու պաշտպանէ՛ զիս եւ քու ձեռքէդ ազատէ»։ Երբ Դաւիթ այս խօսքերը Սաւուղին խօսիլը լմնցուց, Սաւուղ ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Սաւուղ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ Ու Դաւիթին ըսաւ. «Դուն ինծմէ արդար ես. քանզի դուն ինծի բարիք ըրիր, բայց ես քեզի չարիք հատուցանեցի։ Ու դուն այսօր քու ինծի ըրած աղէկութիւնդ յայտնեցիր, որովհետեւ Տէրը զիս քու ձեռքդ մատնեց, բայց դուն զիս չմեռցուցիր։ Վասն զի մարդ մը եթէ իր թշնամին գտնելու ըլլայ, զանիկա թող կու տա՞յ որ խաղաղութեամբ երթայ. ուստի այսօր քու ինծի ըրածիդ փոխարէն Տէրը քեզի բարիք թող հատուցանէ։ Հիմա գիտեմ թէ դուն անշուշտ թագաւոր պիտի ըլլաս ու Իսրայէլի թագաւորութիւնը քու ձեռքիդ մէջ պիտի հաստատուի։ Հիմա Տէրոջմով ինծի երդում ըրէ՝ թէ ինծմէ ետքը իմ սերունդս պիտի չմեռցնես ու իմ հօրս տունէն իմ անունս բնաջինջ պիտի չընես»։ Դաւիթ Սաւուղին երդում ըրաւ։ Յետոյ Սաւուղ իր տունը գնաց։ Իսկ Դաւիթ իր մարդոցմով ամուր տեղը ելաւ։ Սամուէլ մեռաւ ու բոլոր Իսրայէլ հաւաքուեցան ու անոր համար սուգ ըրին ու զանիկա Ռամայի մէջ իր տունը թաղեցին։ Դաւիթ Փառան անապատը իջաւ։ Մաոնի մէջ մարդ մը կար, որուն գործը Կարմեղոսի մէջ էր։ Անիկա խիստ մեծ մարդ էր ու երեք հազար ոչխար եւ հազար այծ ունէր ու իր ոչխարները ասրակտուր ընելու համար Կարմեղոսի մէջ կը գտնուէր։ Այն մարդուն անունը Նաբաղ էր ու անոր կնոջ անունը Աբիգիա։ Կինը ողջամիտ ու գեղեցկադէմ էր, բայց այրը խստաբարոյ ու չարագործ էր։ Անիկա Քաղեբեան էր։ Դաւիթ անապատին մէջ լսեց թէ Նաբաղ իր ոչխարները ասրակտուր կ’ընէ։ Դաւիթ տասը մանչ ղրկեց եւ մանչերուն ըսաւ. «Կարմեղոս ելէ՛ք ու Նաբաղին գացէ՛ք եւ իմ անունովս անոր ողջութիւնը հարցուցէ՛ք Ու անոր այսպէս ըսէք. ‘Ո՛ղջ կեցիր. քեզի եւ քու տանդ ու քու բոլոր ստացուածքիդ խաղաղութիւն ըլլայ։ Լսեցի թէ ոչխարներդ ասրակտուր կ’ընես. քու հովիւներդ մեզի հետ էին. անոնց վնաս չտուինք որչափ ատեն որ Կարմեղոսի մէջ կեցան, անոնց մէ՛կ բանը չկորսուեցաւ։ Քու մանչերուդ հարցուր ու քեզի թող ըսեն, ուստի անոնք թող քու առջեւդ շնորհք գտնեն, քանզի բարի օր եկանք. շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ ու քու որդիիդ Դաւիթին ձեռքէդ եկածը տուր’»։ Դաւիթին մանչերը գացին ու այս բոլոր խօսքերուն համեմատ Դաւիթին անունովը Նաբաղին ըսին ու կայնեցան։ Նաբաղ Դաւիթին ծառաներուն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դաւիթը ո՞վ է ու Յեսսէին որդին ո՞վ է։ Այս օրերս իրենց տէրերուն երեսէն փախչող ծառաները շատցեր են։ Ես իմ հացս, ջուրս ու ասրակտուր ընողներուս համար մորթած անասուններս առնեմ ու այնպիսի՞ մարդոց տամ, որոնց ուրկէ ըլլալը չեմ գիտեր»։ Դաւիթին մանչերը իրենց ճամբան դարձան ու գացին այս բոլոր խօսքերը անոր պատմեցին։ Դաւիթ իր մարդոցը ըսաւ. «Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը թող կապէ»։ Ամէն մարդ իր սուրը մէջքը կապեց, Դաւիթ ալ իր սուրը մէջքը կապեց ու Դաւիթին ետեւէն չորս հարիւրի չափ մարդ ելաւ, իսկ երկու հարիւր մարդ հոն կարասիներուն մօտ մնացին։ Ծառաներէն մէկը Նաբաղին կնոջ Աբիգիային իմացուց ու ըսաւ. «Ահա Դաւիթ անապատէն մարդիկ ղրկեց մեր տէրը օրհնելու համար. իսկ անիկա խստիւ խօսեցաւ անոնց հետ՝ ՝։ Բայց այն մարդիկը մեզի հետ շատ աղէկ էին ու մեզի վնաս մը չտուին որչափ ատեն որ դաշտի մէջ անոնց հետ պտըտեցանք, մեզմէ բա՛ն մը չկորսուեցաւ։ Անոնք մեզի պարիսպ էին, թէ՛ գիշերը եւ թէ՛ ցորեկը, որչափ ատեն որ անոնց քով ոչխարները կ’արածէինք։ Հիմա մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ընես, քանզի մեր տիրոջը վրայ եւ անոր բոլոր տանը վրայ չարիքը հասած է. որովհետեւ անիկա այնպիսի չար մարդ մըն է, որ անոր հետ մարդ չի կրնար խօսիլ»։ Աբիգիա շուտով երկու հարիւր հաց ու երկու տիկ գինի եւ հինգ եփած ոչխար ու հինգ գրիւ բոհրած ցորեն, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու երկու հարիւր շարոց թուզ առաւ ու զանոնք էշերու վրայ դրաւ։ Եւ իր ծառաներուն ըսաւ. «Առջեւս անցէ՛ք, ահա ես ձեր ետեւէն կու գամ»։ Բայց իր էրկանը՝ Նաբաղին չմացուց։ Երբ կինը էշու վրայ հեծած՝ լերանը գոց տեղէն կ’իջնէր, Դաւիթ ու անոր մարդիկը անոր առջեւ կ’իջնէին ու իրարու հանդիպեցան։ Դաւիթ ըսեր էր. «Ուրեմն անապատին մէջ այս մարդուն բոլոր ունեցած բաները պարապ տեղը պահեր եմ ու անոր բոլոր ունեցածէն բա՛ն մը չկորսուեցաւ եւ անիկա ինծի աղէկութեան փոխարէն գիշութիւն ըրաւ։ Աստուած Դաւիթին թշնամիներուն այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ մինչեւ վաղը առտու անոր մարդոցմէն այր մարդ՝ ՝ մը ողջ թողում»։ Աբիգիա Դաւիթը տեսածին պէս շուտով իշուն վրայէն իջաւ եւ Դաւիթին առջեւ երեսի վրայ իյնալով մինչեւ գետինը երկրպագութիւն ըրաւ։ Անոր ոտքը ինկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, յանցանքը իմ վրաս թող ըլլայ. բայց հրաման տուր, որ քու աղախինդ քու առջեւդ խօսի եւ քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ։ Կ’աղաչեմ, որ իմ տէրս այս չար մարդուն Նաբաղին համար իր սրտին մէջ բան մը չդնէ, քանզի իր անունին պէս ինք ալ այնպէս է. անոր անունը Նաբաղ է ու անզգամութիւնը իրեն հետ է. բայց ես, քու աղախինդ, իմ տիրոջս ղրկած մանչերը չտեսայ։ Հիմա, ո՛վ տէր իմ, Տէրը կենդանի է ու քու հոգիդ ալ կենդանի է, որ Տէրը քեզ չթողուց որ արիւն թափես ու քու վրէժդ քու ձեռքովդ առնես։ Հիմա քու թշնամիներդ ու իմ տիրոջս գիշութիւն ուզողները Նաբաղին պէս ըլլան։ Հիմա այս ընծան, որ քու աղախինդ իմ տիրոջս բերաւ, թող իմ տիրոջս ետեւէն եկող մանչերուն տրուի։ Կ’աղաչեմ, քու աղախինիդ յանցանքը ներէ. քանզի Տէրը իմ տիրոջս անպատճառ հաստատ տուն պիտի շինէ, որովհետեւ իմ տէրս Տէրոջը պատերազմները պատերազմեցաւ ու քու օրերուդ մէջ քու վրադ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։ Բայց՝ թէեւ քեզ հալածելու ու քու հոգիդ փնտռելու համար մարդ մը ոտքի ելած է, իմ տիրոջս հոգին քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ՝ կեանքի ծրարին մէջ ծրարուած պիտի ըլլայ. բայց Անիկա քու թշնամիներուդ հոգիները պարսատիկի մէջէ ելած քարի պէս պիտի նետէ։ Երբ Տէրը բոլոր քեզի համար ըսած աղէկութիւնները իմ տիրոջս ընէ ու քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր դնէ, Ասիկա քեզի գայթակղութիւն մը ու իմ տիրոջս սրտին խղճի խայթ մը չըլլայ, որ առանց պատճառի արիւն թափեցիր, կամ թէ իմ տէրս իր վրէժը ինք առաւ ու երբ Տէրը իմ տիրոջս բարութիւն ընէ, քու աղախինդ միտքդ բերես»։ Եւ Դաւիթ ըսաւ Աբիգիային. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ այսօր քեզ զրկեց զիս դիմաւորելու Ու քու խոհեմութիւնդ օրհնեալ ըլլայ եւ դուն ալ օրհնեալ ըլլաս, որ այսօր ինծի արգիլեցիր որ արիւն թափեմ ու իմ վրէժս ձեռքովս առնեմ Բայց Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ զիս արգիլեց քեզի չարութիւն ընելէ, կենդանի է, եթէ դուն շուտով չգայիր ու առջեւս չելլէիր, մինչեւ վաղը առտու Նաբաղէն մէկ այր մարդ պիտի չմնար»։ Դաւիթ անոր բերած ընծա ները ձեռքէն առաւ ու անոր ըսաւ. «Խաղաղութեամբ տունդ գնա՛. ահա խօսքիդ մտիկ ըրի ու քու խնդիրքդ ընդունեցի»։ Աբիգիա Նաբաղին գնաց ու ահա անիկա իր տանը մէջ թագաւորական կոչունքի պէս կոչունք կ’ընէր եւ Նաբաղին սիրտը զուարթացեր էր ու անիկա շատ գինովցեր էր. ուստի կինը մինչեւ առտու բնաւ բան մը չպատմեց անոր։ Առաւօտուն, երբ Նաբաղ գինիէն զգաստացաւ, այն ատեն անոր կինը այս բաները անոր պատմեց ու անոր սիրտը իր ներսիդին մեռաւ ու քարի պէս եղաւ։ Եւ տասը օր յետոյ Տէրը զարկաւ Նաբաղը, որ մեռաւ։ Դաւիթ Նաբաղին մեռնիլը լսելով՝ ըսաւ. «Օրհնեալ է Տէրը, որ Նաբաղի ձեռքէն քաշած նախատինքիս վրէժը ինք լուծեց ու իր ծառան չարութենէ ետ պահեց եւ Տէրը Նաբաղին չարութիւնը անոր գլուխը դարձուց»։ Դաւիթ մարդ ղրկեց եւ Աբիգիային խօսեցաւ, որ զանիկա իրեն կին առնէ։ Ու Դաւիթին ծառաները Կարմեղոս գացին Աբիգիային ու անոր հետ խօսեցան ու ըսին. «Դաւիթ մեզ քեզի ղրկեց, որպէս զի քեզ իրեն կին առնէ»։ Անիկա ելաւ ու երեսի վրայ մինչեւ գետինը երկրպագութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Ահա քու աղախինդ իմ տիրոջս ծառաներուն ոտքերը լուալու համար ստրկութիւն թող ընէ»։ Աբիգիա շուտով ոտքի ելաւ ու իրեն սպասաւորութիւն ընող հինգ աղջիկներուն հետ էշը հեծաւ ու Դաւիթին պատգամաւորներուն ետեւէն գնաց եւ անոր կինը եղաւ։ Դաւիթ Յեզրայէլէն ալ Աքինոամը առաւ ու ասոնց երկուքն ալ անոր կիները եղան։ Բայց Սաւուղ իր Մեղքող աղջիկը, որ Դաւիթին կինն էր, Գաղղիմացի Լայիսի որդիին Փաղտիէլին տուաւ։ Զիփացիները Գաբաա գացին Սաւուղին ու ըսին. «Ահա Դաւիթ Եսիմոնի մօտակայ Եքեղայի բլուրին վրայ պահուեր է»։ Ու Սաւուղ ելաւ Զիփի անապատը գնաց, Իսրայէլացի երեք հազար ընտրուած մարդոցմով, որպէս զի Զիփի անապատին մէջ Դաւիթը փնտռէ։ Սաւուղ Եսիմոնի մօտակայ Եքեղայի բլուրը՝ ճամբուն վրայ բանակեցաւ։ Դաւիթ ալ անապատին մէջ նստեր էր։ Երբ տեսաւ թէ Սաւուղ իր ետեւէն անապատը կու գայ, Դաւիթ լրտեսներ ղրկեց ու Սաւուղին գալը ստոյգ իմացաւ։ Դաւիթ գաղտուկ ելաւ եւ Սաւուղին բանակ դրած տեղը գնաց։ Դաւիթ Սաւուղին ու անոր զօրավարին, Ներեան Աբեններին պառկած տեղը տեսաւ։ Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկեր էր ու ժողովուրդը անոր բոլորտիքը բանակեր էին։ Դաւիթ Քետացի Աքիմելէքին ու Յովաբին եղբօրը Շահուրեան Աբեսսային ըսաւ. «Ո՞վ ինծի հետ Սաւուղին քով բանակը կ’իջնէ»։ Աբեսսա ըսաւ. «Ես քեզի հետ կ’իջնեմ»։ Դաւիթ Աբեսսային հետ գիշերով ժողովուրդին մէջ մտաւ եւ ահա Սաւուղ կառքերուն մէջտեղը պառկեր կը քնանար։ Անոր նիզակը գլխուն քով գետինը ցցուած էր։ Աբեններ եւ ժողովուրդը անոր բոլորտիքը պառկեր էին։ Աբեսսա Դաւիթին ըսաւ. «Աստուած այսօր քու թշնամիդ քու ձեռքդ մատնեց ու հիմա թող տուր, որ նիզակով մէկ անգամէն գետինը ցցեմ զանիկա ու չկրկնեմ հարուածը »։ Բայց Դաւիթ Աբեսսային ըսաւ. «Զանիկա մի՛ մեռցներ. քանզի Տէրոջը օծեալին ո՞վ կրնայ ձեռք երկնցնել ու անպարտ ըլլալ»։ Դաւիթ ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու զանիկա Տէրը պիտի զարնէ կամ անոր ատենը պիտի գայ ու մեռնի, կամ թէ պատերազմի մէջ պիտի մտնէ ու մեռնի։ Աստուած չընէ որ Տէրոջը օծեալին դէմ ձեռքս երկնցնեմ, միայն թէ հիմա անոր գլխուն քովի նիզակը ու ջուրին կուժը ա՛ռ ու երթանք»։ Եւ Դաւիթ Սաւուղին գլխուն քովէն նիզակն ու ջուրին կուժը առաւ ու գացին եւ տեսնող, իմացող կամ արթնցող չեղաւ. որովհետեւ ամէնքը կը քնանային, քանզի Տէրոջը կողմանէ անոնց վրայ խորունկ քուն մը ինկեր էր։ Դաւիթ անդիի կողմը անցաւ ու լերանը գլխուն վրայ հեռուն կայնեցաւ ու անոնց մէջտեղ մեծ միջոց մը կար։ Դաւիթ ժողովուրդին ու Ներեան Աբեններին կանչելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Աբեններ, պատասխան չե՞ս տար»։ Աբեններ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես որ թագաւորը կը կանչես»։ Դաւիթ Աբեններին ըսաւ. «Դուն այր մարդ չե՞ս ու Իսրայէլի մէջ քեզի պէս ո՞վ կայ։ Ինչո՞ւ համար քու տիրոջդ, թագաւորին պահպանութիւն չես ըներ. քանզի ժողովուրդէն մէկը քու տէրդ՝ թագաւորը՝ մեռցնելու եկաւ։ Այդ քու ըրածդ աղէկ չէ. կենդանի է Տէրը, որ դուք մեռնելու արժանի էք, քանզի Տէրոջը օծեալին, ձեր տիրոջը, պահպանութիւն չէք ըներ։ Հիմա նայէ, թագաւորին նիզակն ու անոր գլխուն քովի ջուրին կուժը ո՞ւր են»։ Այն ատեն Սաւուղ Դաւիթին ձայնը ճանչցաւ ու ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, ատիկա քո՞ւ ձայնդ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, իմ ձայնս է» Ու աւելցուց. «Իմ տէրս ինչո՞ւ համար այդպէս իր ծառային ետեւէն ինկեր է։ Ի՞նչ ըրի ու ձեռքիս մէջ ի՞նչ չարութիւն կայ։ Եւ հիմա իմ տէրս՝ թագաւորը՝ իր ծառային խօսքերը թող լսէ։ Եթէ Տէրը քեզ իմ վրաս ոտքի հանեց, թող զոհ մը ընդունի. բայց եթէ մարդոց որդիները ոտքի հանեցին, անոնք Տէրոջը առջեւ անիծեալ ըլլան, քանզի այսօր վռնտեցին, որպէս զի Տէրոջը ժառանգութեանը չտիրանամ ու ինծի ըսին՝ ‘Գնա օտար աստուածներու ծառայութիւն ըրէ՛’։ Եւ հիմա Տէրոջը առջեւ իմ արիւնս գետինը չիյնայ. քանզի Իսրայէլի թագաւորը լու մը փնտռելու ելաւ, ինչպէս մարդ մը լեռներու վրայ կաքաւի մը ետեւէն կ’իյնայ»։ Ու Սաւուղ ըսաւ. «Մեղք գործեցի. դարձի՛ր, որդեա՛կ իմ Դաւիթ. իմ հոգիս այսօր քու աչքերուդ պատուական երեւնալուն համար՝ քեզի անգամ մըն ալ չարութիւն պիտի չընեմ. ահա յիմարութիւն ըրի ու մեծապէս սխալեցայ»։ Դաւիթ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա թագաւորին նիզակը. մանչերէն մէկը թող գայ ու զանիկա առնէ։ Տէրը ամէն մարդու իր արդարութեանն ու հաւատարմութեանը փոխարէնը թող հատուցանէ. որովհետեւ Տէրը քեզ այսօր իմ ձեռքս տուաւ, բայց ես Տէրոջը օծեալին վրայ ձեռքս երկնցնել չուզեցի։ Ահա ինչպէս քու հոգիդ այսօր իմ աչքերուս պատուական երեւցաւ, իմ հոգիս ալ Տէրոջը առջեւ այնպէս պատուական թող երեւնայ ու զիս ամէն նեղութենէ ազատէ»։ Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ Դաւիթ, օրհնեալ ըլլաս. քու գործերուդ մէջ յաջողութիւն պիտի գտնես, նաեւ յաղթող պիտի ըլլաս»։ Դաւիթ իր ճամբան գնաց ու Սաւուղ իր տեղը դարձաւ։ Դաւիթ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Վերջապէս օր մը Սաւուղին ձեռքով պիտի կորսուիմ. ինծի համար Փղշտացիներուն երկիրը փախչելէն աղէկը չկայ, որպէս զի Սաւուղ ինծմէ յոյսը կտրէ ու զիս անգամ մըն ալ Իսրայէլի սահմաններուն մէջ չփնտռէ ու անոր ձեռքէն ազատիմ։ Դաւիթ իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդով ելաւ ու Գէթի թագաւորին Մաովքին որդիին Անքուսին քով գնաց։ Դաւիթ ինք ու իր մարդիկը, իւրաքանչիւր մարդ իր տնովը, Դաւիթ ալ իր երկու կիներովը, Յեզրայելացի Աքինոամին հետ ու Կարմելացի Նաբաղին կնոջ Աբիգիային հետ Անքուսին քով Գէթի մէջ բնակեցան։ Երբ Սաւուղին իմացուցին թէ Դաւիթ Գէթ փախեր է, անգամ մըն ալ զանիկա չփնտռեց։ Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, գիւղաքաղաքներէն մէկուն մէջ ինծի տեղ տուր, որպէս զի հոն նստիմ. քանզի քու ծառադ ինչո՞ւ համար քեզի հետ թագաւորանիստ քաղաքին մէջ նստի»։ Այն օրը Անքուս Սիկելակը տուաւ անոր։ Այս պատճառով Սիկելակ մինչեւ այսօր Յուդայի թագաւորներուն եղաւ։ Ու Փղշտացիներու երկրին մէջ Դաւիթին նստած օրերուն թիւը մէկ տարի ու չորս ամիս եղաւ։ Դաւիթ ու անոր մարդիկը ելան եւ Գեսուրացիներուն, Գազերացիներուն ու Ամաղեկացիներուն վրայ յարձակեցան, քանզի անոնք երկար ատենէ ի վեր այն երկրին մէջ կը բնակէին, Սուրէն մինչեւ Եգիպտոսի երկիրը։ Դաւիթ այն երկիրը զարկաւ ու ամենեւին այր մարդ մը կամ կին մարդ մը ողջ չթողուց եւ ոչխարներն ու արջառներն ու էշերը եւ ուղտերն ու հանդերձները առաւ եւ դարձաւ Անքուսին եկաւ։ Անքուս ըսաւ. «Այսօր ո՞ր կողմը յարձակեցաք»։ Դաւիթ ըսաւ. «Յուդայի հարաւային կողմը, Յերամելացիներուն հարաւային կողմը ու Կենեցիներուն հարաւային կողմը»։ Դաւիթ մէկ այր կամ կին մարդ ողջ չթողուց, որ Գէթ լուր բերէ. քանզի ըսաւ. «Չըլլայ թէ մեզի համար պատմեն ու ըսեն թէ Դաւիթ այսպէս ըրաւ»։ Ու անոր սովորութիւնը այսպէս էր, քանի որ Փղշտացիներու երկրին մէջ կը նստէր՝ ՝։ Անքուս Դաւիթին հաւատալով՝ ըսաւ. « Այս մարդը ՝ իր ժողովուրդին, Իսրայէլին քով ինքզինք խիստ ատելի ընելուն համար, ինծի յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ»։ Այն օրերը Փղշտացիները իրենց զօրքերը հաւաքեցին որպէս զի Իսրայէլին դէմ պատերազմին։ Անքուս Դաւիթին ըսաւ. «Իմացի՛ր, դուն քու մարդոցմովդ ինծի հետ բանակը պիտի ելլես»։ Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Լա՛ւ, ծառայիդ ընելիք գործը պիտի տեսնես»։ Անքուս Դաւիթին ըսաւ. «Անոր համար քեզ միշտ իմ թիկնապահս պիտի ընեմ»։ Սամուէլ մեռած էր եւ բոլոր Իսրայէլ անոր համար սուգ ըրեր էին ու զանիկա իր քաղաքին, Ռամայի մէջ թաղեր էին։ Սաւուղ ալ վհուկներն ու նշանագէտները երկրէն վերցուցեր էր։ Երբ Փղշտացիները հաւաքուեցան ու եկան Սունամի մէջ բանակեցան, Սաւուղ ալ բոլոր Իսրայէլը հաւաքեց ու Գեղբուէի մէջ բանակեցան։ Սաւուղ Փղշտացիներուն բանակը տեսնելով՝ վախցաւ ու սիրտը շատ դողաց։ Սաւուղ Տէրոջը հարցուց, բայց Տէրը թէ՛ երազներով, թէ՛ Ուրիմով եւ թէ՛ մարգարէներով անոր պատասխան չտուաւ։ Այն ատեն Սաւուղ իր ծառաներուն ըսաւ. «Ինծի վհուկ կին մը գտէք, որպէս երթամ անոր հարցնեմ»։ Ծառաները անոր ըսին. «Ահա Ենդովրի մէջ վհուկ կին մը կայ»։ Սաւուղ իր հանդերձները փոխելով՝ ուրիշ հանդերձներ հագաւ եւ իրեն հետ երկու մարդ առաւ ու գիշերով այն կնոջ քով գնաց։ Սաւուղ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ոգիով մը գուշակէ եւ բե՛ր այն մարդը, որուն անունը պիտի տամ»։ Կինը անոր ըսաւ. «Ահա դուն Սաւուղին ըրածը գիտես, թէ ի՞նչպէս անիկա վհուկներն ու նշանագէտները երկրէն բնաջինջ ըրաւ, ուրեմն ինչո՞ւ զիս մեռցնելու համար իմ անձիս որոգայթ կը լարես»։ Սաւուղ Տէրոջմով երդում ըրաւ անոր ու ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այս բանէն քեզի վնաս մը պիտի չպատահի»։ Այն ատեն կինը ըսաւ. «Ո՞վ կ’ուզես, որ հանեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Սամուէլը հանէ ինծի»։ Կինը Սամուէլը տեսնելով՝ մեծ ձայնով մը պոռաց ու Սաւուղին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս խաբեցիր. քանզի դուն Սաւուղն ես»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար. բայց ի՞նչ տեսար»։ Կինը Սաւուղին ըսաւ. «Գետնէն ելլող աստուած մը տեսայ»։ Եւ Սաւուղ անոր ըսաւ. «Անոր կերպարանքը ի՞նչպէս է»։ Կինը ըսաւ. « Ահա ծեր մարդ մը կ’ելլէ, որ վերարկու մը հագած է»։ Սաւուղ հասկցաւ թէ անիկա Սամուէլն է, ուստի երեսը գետինը ծռելով՝ անոր երկրպագութիւն ըրաւ։ Սամուէլ ըսաւ Սաւուղին. «Ինչո՞ւ համար ինծի նեղութիւն տուիր ու զիս վեր հանեցիր»։ Սաւուղ ըսաւ. «Ես մեծ նեղութեան մէջ եմ, որովհետեւ Փղշտացիները ինծի հետ պատերազմ կ’ընեն ու Աստուած ինծմէ հեռացաւ եւ ինծի թէ՛ մարգարէներու միջոցով եւ թէ՛ երազներով պատասխան չտուաւ. անոր համար քեզ կանչեցի, որ ինծի իմացնես թէ ի՞նչ պէտք է ընեմ»։ Սամուէլ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար ինծի կը հարցնես, հիմա որ Տէրը քեզմէ հեռացաւ ու քեզի թշնամի եղաւ Եւ Տէրը իմ ըսածիս պէս ըրաւ ու քու ձեռքէդ թագաւորութիւնը պատռեց եւ զանիկա քու ընկերիդ Դաւիթին տուաւ, Քանզի դուն Տէրոջը խօսքին մտիկ չըրիր ու Ամաղէկի վրայ անոր սաստիկ բարկութիւնը չգործադրեցիր։ Անոր համար այսօր Տէրը քեզի այս բանը ըրաւ։ Տէրը քեզի հետ Իսրայէլն ալ Փղշտացիներուն ձեռքը պիտի մատնէ ու վաղը դուն ու քու որդիներդ իմ քովս պիտի ըլլաք։ Տէրը Իսրայէլի բանակն ալ Փղշտացիներուն ձեռքը պիտի մատնէ»։ Այն ատեն Սաւուղ յանկարծ գետին ինկաւ ու գետնի վրայ փռուեցաւ եւ Սամուէլին խօսքերէն շատ վախցաւ։ Ա՛լ ամենեւին վրան ոյժ չմնաց, քանզի բոլոր օրն ու բոլոր գիշերը հաց կերած չէր։ Կինը Սաւուղին քով գնաց ու անոր չափազանց սոսկումը տեսնելով՝ անոր ըսաւ. «Ահա քու աղախինդ քու խօսքիդ մտիկ ըրաւ եւ իմ հոգիս ձեռքիս մէջ դնելով՝ ինծի ըսած խօսքերուդ հնազանդութիւն ըրի։ Հիմա, կ’աղաչեմ, դուն ալ, քու աղախինիդ խօսքին մտիկ ըրէ ու քու առջեւդ պատառ մը հաց դնեմ, կեր, որպէս զի ոյժ առնես, քանզի ճամբայ պիտի երթաս»։ Բայց անիկա չուզեց ու «Չեմ ուտեր», ըսաւ, սակայն երբ իր ծառաները ու կինն ալ զանիկա բռնադատեցին, անոնց խօսքին մտիկ ըրաւ ու գետնէն ելլելով անկողնին վրայ նստաւ։ Կինը իր տանը մէջ պարարտ հորթ մը ունէր. շուտով զանիկա մորթեց ու ալիւր առաւ շաղեց եւ անով բաղարջ եփեց։ Սաւուղին առջեւ ու անոր ծառաներուն առջեւ դրաւ։ Անոնք ալ կերան ու նոյն գիշերը գացին։ Փղշտացիները իրենց բոլոր բանակները Ափէկի մէջ հաւաքեցին, իսկ Իսրայելացիները Յեզրայէլի մէջ եղող աղբիւրին քով բանակեցան։ Եւ Փղշտացիներուն նախարարները իրենց հարիւրաւորներովը ու հազարաւորներովը կ’անցնէին։ Դաւիթ ու իր մարդիկն ալ անոնց ետեւէն ու Անքուսի հետ կ’անցնէին։ Փղշտացիներուն իշխանները ըսին. «Այս Եբրայեցիները ի՞նչ պիտի ըլլան»։ Անքուս Փղշտացիներուն իշխաններուն ըսաւ. «Ասիկա Իսրայէլի թագաւորին Սաւուղին ծառան Դաւիթը չէ՞ որ այսչափ օրերէ՝ կամ մանաւանդ այսչափ տարիներէ ի վեր իմ քովս է ու ինծի եկած օրէն մինչեւ այսօր անոր վրայ ամենեւին յանցանք մը չգտայ»։ Փղշտացիներուն իշխանները անոր սրդողեցան ու ըսին. «Այդ մարդը ետ ղրկէ, որ երթայ իր տեղը, ուր զանիկա դրիր, որ մեզի հետ չպատերազմի եւ չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեզի թշնամութիւն ընէ. քանզի անիկա ինչո՞վ պիտի հաշտուի իր տիրոջը հետ, չէ՞ որ այս մարդոց գլուխներովը։ Ասիկա այն Դաւիթը չէ՞, որուն համար կիները պար բռնելով կ’ըսէին. ‘Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ, Իսկ Դաւիթ՝ իր բիւրաւորները’»։ Անքուս Դաւիթը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ դուն շիտակ մարդ մըն ես եւ ինծի հետ բանակին մէջ մտնելդ ու ելլելդ իմ աչքիս աղէկ կ’երեւնայ. քանզի ինծի եկած օրէդ մինչեւ այսօր քու վրադ չարութիւն մը չգտայ, բայց դուն նախարարներուն աչքին աղէկ չես երեւնար, Ուստի հիմա դարձիր եւ խաղաղութեամբ գնա՛ ու Փղշտացիներուն նախարարներուն աչքին գէշ երեւցածը մի՛ ըներ»։ Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Բայց ես ի՞նչ ըրի ու առաջին օրէն մինչեւ այսօր ծառայիդ վրայ ի՞նչ սխալ գտար, որ ես չերթամ ու իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ թշնամիներուն հետ պատերազմ չընեմ»։ Անքուս պատասխան տուաւ ու Դաւիթին ըսաւ. «Գիտեմ որ դուն իմ աչքերուս Աստուծոյ հրեշտակին պէս աղէկ կ’երեւնաս, բայց Փղշտացիներուն իշխանները ըսին թէ ‘Անիկա մեզի հետ թող չպատերազմի’, Ուստի առտուն կանուխ ելիր քու տիրոջդ ծառաներուն հետ ու լուսցածին պէս գացէ՛ք»։ Դաւիթ ու իր մարդիկը առտուն կանուխ ելան, որպէս զի երթան ու Փղշտացիներուն երկիրը դառնան. իսկ Փղշտացիները Յեզրայէլ ելան։ Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը երրորդ օրը Սիկելակ մտան, ահա Ամաղեկացիները հարաւային երկրին ու Սիկելակի վրայ յարձակեր ու զայն այրեր էին. Հոն եղած կիները գերի առեր էին եւ բոլորը, որ հոն կը գտնուէին, պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ մարդ մը չէին մեռցուցեր, հապա զանոնք իրենց հետ տանելով ճամբանին գացեր էին։ Երբ Դաւիթ ու իր մարդիկը քաղաքը հասան, ահա անիկա կրակով այրուած էր ու իրենց կիները, տղաքներն ու աղջիկները գերի առնուած էին։ Ուստի Դաւիթ ու իրեն հետ եղող ժողովուրդը ձայներնին վերցուցին ու այնքան լացին, մինչեւ որ իրենց վրայ ոյժ չմնաց։ Դաւիթին երկու կիները, Յեզրայելացի Աքինոամն ու Կարմելացի Նաբաղի կինը Աբիգիան ալ գերի առնուած էին։ Դաւիթ մեծ տագնապի մէջ էր, քանզի ժողովուրդը զանիկա քարկոծել կ’ուզէր, որովհետեւ բոլոր ժողովուրդին սիրտը կը կսկծար իրենց տղոցը ու աղջիկներուն համար. բայց Դաւիթ իր Տէր Աստուծմով զօրացաւ։ Դաւիթ Աքիմելէքի որդիին, Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Եփուտը մօտեցուր ինծի»։ Ու Աբիաթար եփուտը Դաւիթին մօտեցուց։ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Այս գունդը հալածե՞մ, անոնց կը հասնի՞մ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Հալածէ՛, քանզի անշուշտ պիտի հասնիս ու բոլորը պիտի ազատես»։ Դաւիթ ինք ու իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդիկը գացին ու մինչեւ Բոսոր հեղեղատը հասան ու ետ մնացողները հոն կեցան։ Եւ Դաւիթ չորս հարիւր մարդով թշնամին հալածեց. (սակայն երկու հարիւր մարդիկը շատ յոգնած ըլլալնուն համար՝ Բոսոր հեղեղատին անդիի կողմը մնացին ու չկրցան անցնիլ։) Դաշտին մէջ Եգիպտացի մը գտան եւ զանիկա Դաւիթին բերին։ Անոր հաց տուին ու կերաւ, անոր ջուր խմցուցին Եւ անոր քիչ մը չոր թուզ ու երկու ողկոյզ չամիչ տուին, որ կերաւ ու ոգին վրան եկաւ. քանզի երեք օր ու երեք գիշեր հաց չէր կերած ու ջուր չէր խմած։ Դաւիթ անոր ըսաւ. «Դուն որո՞ւն մարդն ես եւ ուրկէ՞ ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես Եգիպտացի պատանի մըն եմ ու Ամաղեկացի մարդու մը ծառան։ Երեք օր է, որ հիւանդ ըլլալուս համար իմ տէրս զիս հոս թողուց։ Մենք Քերեթի հարաւային կողմը՝ Յուդայի կողմերը ու Քաղէբի հարաւային կողմերը յարձակեցանք ու Սիկելակը կրակով այրեցինք»։ Դաւիթ անոր ըսաւ. «Զիս այն գունդին կրնա՞ս հասցնել»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն ինծի Աստուծմով երդում ըրէ, որ զիս պիտի չմեռցնես ու զիս իմ տիրոջս ձեռքը պիտի չտաս, ես ալ քեզ այն գունդին կը հասցնեմ»։ Երբ զանիկա հոն տարաւ, ահա անոնք բոլոր գետնին վրայ ցրուած էին, կ’ուտէին ու կը խմէին եւ Փղշտացիներու երկրէն ու Յուդայի երկրէն առած այն բոլոր մեծ աւարին համար ուրախութիւն կ’ընէին։ Դաւիթ արշալոյսէն մինչեւ հետեւեալ օրուան իրիկունը՝ ՝ զանոնք զարկաւ ու անոնցմէ մարդ չազատեցաւ, բայց միայն չորս հարիւր երիտասարդներ, որոնք ուղտերու վրայ հեծան ու փախան։ Դաւիթ Ամաղեկացիներուն առած բոլոր բաները ազատեց։ Դաւիթ իր երկու կիներն ալ ազատեց։ Ոեւէ մէկ բան պակաս չէր՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը, թէ՛ տղայ, թէ՛ աղջիկ եւ թէ՛ աւար, ինչ որ անոնք առեր տարեր էին, Դաւիթ ամէնքն ալ ետ բերաւ։ Դաւիթ բոլոր ոչխարներն ու արջառները առաւ եւ զանոնք իրենց հօտերուն առջեւէն կը տանէին ու կ’ըսէին. «Դաւիթին աւարը ասիկա է»։ Դաւիթ այն երկու հարիւր մարդոցը քով եկաւ, որոնք շատ յոգնած ըլլալնուն համար չէին կրցեր Դաւիթին ետեւէն երթալ ու զանոնք Բոսոր հեղեղատը նստեցուցեր էր։ Անոնք ելան Դաւիթն ու անոր հետ եղող ժողովուրդը դիմաւորելու։ Դաւիթ երբ ժողովուրդին մօտեցաւ, անոնց առողջութիւնը հարցուց։ Դաւիթին հետ գացող մարդոցմէն բոլոր չար ու անզգամ մարդիկը ըսին. «Քանի որ ասոնք մեզի հետ չեկան՝ մենք ալ անոնց մեր ազատած աւարէն չենք տար։ Ամէն մարդ միայն իր կինն ու տղաքները թող առնէ ու երթայ»։ Բայց Դաւիթ անոնց ըսաւ. «Այդպէս մի՛ ընէք, եղբայրնե՛ր։ Տէրը մեզի տուաւ ասիկա եւ ինք մեզ պահեց ու մեր վրայ եկող գունդը մեր ձեռքը մատնեց։ Այս բանին մէջ ո՞վ ձեզի մտիկ կ’ընէ. քանզի կարասիներուն քով նստողներուն բաժինը պատերազմի գացողներուն բաժինին հետ հաւասար պէտք է ըլլայ, հաւասարապէս պէտք է բաժնեն»։ Այն օրէն ի վեր ասիկա Իսրայէլի մէջ կանոն ու օրէնք եղաւ ու կը կենայ մինչեւ այսօր։ Դաւիթ Սիկելակ եկաւ ու այն աւարէն Յուդային ծերերուն՝ իր բարեկամներուն ղրկեց՝ ըսելով. «Ահա ձեզի Տէրոջը թշնամիներուն աւարէն ընծայ կը ղրկեմ ։ Այսինքն Բեթէլի մէջ եղողներուն, հարաւային Ռամովթի մէջ եղողներուն, Յաթիրի մէջ եղողներուն, Արոէրի մէջ եղողներուն, Սեփամովթի մէջ եղողներուն, Եսթեմովի մէջ եղողներուն, Րաքայի մէջ եղողներուն, Յերամելացիներու քաղաքներուն մէջ եղողներուն, Կենեցիներու քաղաքներուն մէջ եղողներուն, Հօրմայի մէջ եղողներուն, Քովրասանի մէջ եղողներուն, Աթաքի մէջ եղողներուն, Քեբրոնի մէջ եղողներուն եւ այն բոլոր տեղերուն, ուր Դաւիթ իր մարդոցմով պտըտեր էր»։ Փղշտացիները Իսրայէլին հետ պատերազմ կ’ընէին։ Իսրայէլացիները Փղշտացիներուն առջեւէն փախան ու Գեղբուէ լերանը վրայ սպաննուած ինկան։ Ու Փղշտացիները Սաւուղին ու անոր որդիներուն ետեւէն հասան ու Փղշտացիները Սաւուղին որդիները՝ Յովնաթանը, Աբինադաբն ու Մեղքիսաւէն՝ զարկին։ Պատերազմը Սաւուղին վրայ երթալով սաստկացաւ ու աղեղնաւորները զանիկա գտան ու աղեղնաւորներէն սաստիկ վիրաւորուեցաւ։ Սաւուղ իր կապարճակիրին ըսաւ. «Սուրդ քաշէ՛ ու անով զիս խոցէ. չըլլայ որ այս անթլփատները գան ու զիս խոցեն եւ զիս ծաղր ընեն»։ Բայց կապարճակիրը չուզեց, քանզի շատ վախցաւ։ Սաւուղ սուրը առաւ ու անոր վրայ ինկաւ։ Անոր կապարճակիրը Սաւուղին մեռնիլը տեսնելով՝ ինքն ալ իր սուրին վրայ ինկաւ ու անոր հետ մեռաւ։ Սաւուղ ու անոր երեք որդիներն ու կապարճակիրը եւ անոր բոլոր մարդիկը նոյն օրը մէկտեղ մեռան։ Հովիտին անդիի կողմը եւ Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Իսրայէլի մարդիկը Իսրայելացիներու փախչիլը ու Սաւուղին եւ անոր որդիներուն մեռնիլը տեսնելով՝ քաղաքները թողուցին ու փախան։ Փղշտացիները եկան ու անոնց մէջ բնակեցան։ Հետեւեալ օրը Փղշտացիները եկան, որ մեռելները մերկացնեն ու Սաւուղը եւ անոր երեք որդիները Գեղբուէ լերան վրայ ինկած գտան։ Այն ատեն անոր գլուխը կտրեցին ու անոր վրայի զէնքերը հանեցին եւ Փղշտացիներու երկրին չորս կողմը իրենց կռատուներուն ու ժողովուրդին՝ այս բաներուն աւետիսը տալու համար մարդ ղրկեցին, Անոր զէնքերը Աստարովթի տունը դրին ու անոր մարմինը Բեթսանի պարիսպէն կախեցին։ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Փղշտացիները Սաւուղին ըրած էին, Բոլոր կտրիճ մարդիկը ոտքի ելան ու բոլոր գիշերը գացին ու Բեթսանի պարիսպէն Սաւուղին մարմինը ու անոր որդիներուն մարմինները առին եւ Յաբիս դարձան ու հոն զանոնք այրեցին։ Անոնց ոսկորները առին ու Յաբիսի մէջ ծառին տակ թաղեցին ու եօթը օր ծոմ պահեցին։ Սաւուղին մեռնելէն ետքը, երբ Դաւիթ Ամաղեկացիները զարնելէն դարձեր էր ու երկու օր Սիկելակի մէջ նստեր էր, Երրորդ օրը բանակէն՝ Սաւուղին քովէն՝ մէկը եկաւ, որուն հանդերձները պատռուած էին ու գլխուն վրայ հող կար։ Անիկա Դաւիթին քով գալով՝ գետինը ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ըսաւ անոր. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Ես Իսրայէլի բանակէն փախայ»։ Դաւիթ ըսաւ անոր. «Բանը ի՞նչպէս եղաւ, պատմէ՛ ինծի»։ Անիկա ըսաւ. «Ժողովուրդը պատերազմէն փախաւ ու ժողովուրդէն շատ մարդիկ ինկան մեռան»։ Դաւիթ իրեն լուր բերող պատանիին ըսաւ. «Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին մեռնիլը ուրկէ՞ գիտես»։ Անոր լուր բերող պատանին ըսաւ. «Դիպուածով Գեղբուէ լերան վրայ գտնուեցայ եւ ահա Սաւուղ իր նիզակին վրայ կռթներ էր ու կառքերը եւ ձիաւորները անոր կը մօտենային։ Այն ատեն ետեւը դառնալով զիս տեսաւ ու զիս կանչեց։ Ես ալ ըսի՝ ‘Ահա հոս եմ’։ Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Դուն ո՞վ ես’։ Ես ալ անոր ըսի թէ՝ Ամաղեկացի եմ։ Անիկա ինծի ըսաւ. ‘Կ’աղաչեմ, իմ վրաս ելիր ու զսի մեռցուր. քանզի վրաս թմրութիւն մը եկաւ, բայց տակաւին հոգիս վրաս է’։ Այն ատեն անոր վրայ ելայ ու զանիկա մեռցուցի. քանզի ես հասկցայ թէ անիկա իյնալէն ետքը պիտի չապրի։ Անոր գլխուն թագը եւ անոր թեւին ապարանջանը առի ու զանոնք հոս իմ տիրոջս բերի»։ Այն ատեն Դաւիթ իր հանդերձները պատռեց, նոյնպէս ալ անոր հետ եղող բոլոր մարդիկը։ Անոնք Սաւուղին համար ու անոր որդիին Յովնաթանին համար եւ Տէրոջը ժողովուրդին համար ու Իսրայէլի տանը համար սուգ բռնեցին ու լացին ու մինչեւ իրիկուն ծոմ բռնեցին, քանի որ սրով ինկած էին։ Դաւիթ իրեն լուր բերող պատանիին ըսաւ. «Դուն ո՞ր տեղացի ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես պանդուխտ Ամաղեկացիի մը զաւակ եմ»։ Եւ Դաւիթ անոր ըսաւ. «Ի՞նչպէս չվախցար ձեռքդ երկնցնելու եւ Տէրոջը օծեալը մեռցնելու»։ Դաւիթ մանչերէն մէկը կանչեց ու ըսաւ. «Մօտեցի՛ր, ասիկա մեռցո՛ւր»։ Զանիկա զարկաւ ու մեռցուց։ Ու Դաւիթ անոր ըսաւ. «Քու արիւնդ քու գլուխդ ըլլայ, քանզի քու բերանդ քեզի համար վկայութիւն տուաւ՝ ըսելով. ‘Տէրոջը օծեալը ես մեռցուցի’»։ Դաւիթ Սաւուղին ու Յովնաթանին վրայ այս ողբը ըսաւ Ու պատուիրեց որ Աղեղը Յուդային որդիներուն սորվեցնեն։ Անիկա Ուղիղին գրքին մէջ գրուած է. «Ո՛վ Իսրայէլի փառքը, Քու բարձր տեղերուդ վրայ վրաւորուած ինկար ։ Զօրաւորները ի՛նչպէս ինկան։ Գէթի մէջ մի՛ պատմէք, Ասկաղոնի ճամբաներուն մէջ աւետիս մի՛ տաք. Չըլլայ թէ Փղշտացիներուն աղջիկները ուրախանան, Չըլլայ թէ անթլփատներուն աղջիկները ցնծութիւն ընեն։ Ո՛վ Գեղբուէի լեռներ, Ձեր վրայ ո՛չ ցօղ գայ եւ ո՛չ անձրեւ Ու երախայրի ընծաներու անդաստաններ չգտնուին. Քանզի զօրաւորներուն վահանը հոն ձգուեցաւ, Սաւուղին վահանը կարծես թէ իւղով չէր օծուած։ Վիրաւորուածներուն արիւնէն ու զօրաւորներուն ճարպէն՝ Յովնաթանին աղեղը ետ չքաշուեցաւ Ու Սաւուղին սուրը պարապ չդարձաւ։ Սաւուղ ու Յովնաթան Իրենց կենդանութեան ատենը շատ սիրելի ու հաճելի ըլլալով, Իրենց մահուան ժամանակ ալ իրարմէ չզատուեցան։ Արծիւներէն աւելի թեթեւաշարժ Ու առիւծներէն աւելի զօրաւոր էին։ Ո՛վ Իսրայէլի աղջիկներ, լացէ՛ք Սաւուղին համար, Որ ձեզի վայելուչ կարմիրներ կը հագցնէր Ու ձեր հանդերձներուն վրայ ոսկիէ զարդեր կը դնէր։ Պատերազմին մէջ զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան։ Ո՛վ Յովնաթան, քու բարձր տեղերուդ վրայ մեռցուեցար։ Քեզի համար շատ կը ցաւիմ, Ո՛վ եղբայր իմ Յովնաթան. Դուն ինծի խիստ սիրելի էիր. Քու սէրդ ինծի զարմանալի էր, Կանանց սէրէն աւելի էր։ Զօրաւորները ի՜նչպէս ինկան Ու պատերազմի զէնքերը կորսուեցան։ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց ու ըսաւ. «Յուդայի քաղաքներէն մէկը ելլե՞մ»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՞ւր ելլեմ»։ Տէրը ըսաւ. «Քեբրոն»։ Եւ Դաւիթ իր երկու կիները, այսինքն Յեզրայելացի Աքինոամն ու Կարմելացի Նաբաղի կինը Աբիգիան, իրեն հետ առնելով հոն ելաւ։ Դաւիթ՝ իրեն հետ եղող մարդիկն ալ՝ ամէն մէկը իր ընտանիքովը, Քեբրոնի քաղաքներուն մէջ բնակեցան։ Յուդայի մարդիկը եկան ու հոն Դաւիթը Յուդային տանը վրայ թագաւոր օծեցին։ Եւ Դաւիթին պատմեցին ու ըսին թէ՝ ‘Գաղաադի Յաբիսին բնակիչները Սաւուղը թաղեցին’։ Դաւիթ Գաղաադի Յաբիսին բնակիչներուն պատգամաւորներ ղրկեց ու անոնց ըսաւ. «Դուք Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլաք, որ ձեր տիրոջը Սաւուղին այս ողորմութիւնն ըրիք ու զանիկա թաղեցիք։ Տէրը թող ձեզի ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն ընէ՝ այս բանը ընելնուդ համար։ Ես ալ ձեզի այս աղէկութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ։ Հիմա ձեր ձեռքը թող ուժովնայ ու զօրաւոր կտրիճներ եղէք. քանզի ձեր տէրը՝ Սաւուղ մեռաւ եւ Յուդայի տունը զիս իրենց վրայ թագաւոր օծեցին»։ Սաւուղին զօրավարը՝ Ներեան Աբեններ՝ Սաւուղին որդին Յեբուսթէն առաւ ու զանիկա Մանայիմ տարաւ Եւ զանիկա Գաղաադի վրայ, Ասուրիի վրայ, Յեզրայէլի վրայ, Եփրեմի վրայ, Բենիամինի վրայ ու բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըրաւ։ Երբ Սաւուղին որդին Յեբուսթէ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ, քառասուն տարեկան էր։ Երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Միայն Յուդայի տունը Դաւիթին հպատակ եղաւ։ Յուդային տանը վրայ Քեբրոնի մէջ Դաւիթին թագաւորութիւն ըրած ժամանակը եօթը տարի ու վեց ամիս էր։ Ներեան Աբեններ եւ Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին ծառաները Մանայիմէն Գաբաւոն ելան։ Շարուհեային որդին՝ Յովաբ ու Դաւիթին ծառաները Քեբրոնէն ելան ու Գաբաւոնին աւազանին քով անոնց հանդիպեցան։ Ասոնք՝ աւազանին մէկ կողմը ու անոնք աւազանին միւս կողմը նստան։ Աբեններ Յովաբին ըսաւ. «Թող կտրիճները ելլե՛ն ու մեր առջեւ խաղան»։ Յովաբ ըսաւ. «Թող ելլեն»։ Ուստի անոնք նոյն թիւով ելան։ Բենիամինէն ու Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին կողմէն տասներկու մարդ եւ Դաւիթի ծառաներէն՝ տասներկու մարդ։ Ամէն մէկը իր ընկերին գլխէն բռնեց եւ իր սուրը իր ընկերին կողը խոթեց ու մէկտեղ ինկան։ Այն տեղին անունը Քեղկաթ-Ասուրիմ կոչուեցաւ, որ Գաբաւոնի մէջ է։ Այն օրը խիստ սաստիկ պատերազմ եղաւ ու Աբեններ Իսրայէլի մարդոց հետ Դաւիթին ծառաներէն յաղթուեցաւ։ Շարուհեային երեք որդիները՝ Յովաբ, Աբեսսա ու Ասայէլ՝ հոն էին ու Ասայէլ դաշտի այծեամի պէս ոտքով թեթեւ էր։ Ասայէլ Աբենների ետեւէն ինկաւ ու աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցաւ։ Աբեններ ետեւը դարձաւ ու ըսաւ. «Ասայէ՛լ, դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Աբեններ անոր ըսաւ. «Քու աջ կամ ձախ կողմդ խոտորէ ու կտրիճներէն մէկը բռնէ ու անոր զէնքերը քեզի առ»։ Բայց Ասայէլ անոր ետեւէն դառնալ չուզեց։ Աբեններ նորէն մէյ մըն ալ Ասայէլին ըսաւ. «Ետեւէս դարձի՛ր. քեզ ինչո՞ւ համար գետինը զարնեմ. այն ատեն ի՞նչպէս երեսս վերցնեմ քու եղբօրդ Յովաբին նայիմ »։ Բայց անիկա անոր ետեւէն դառնալ չուզեց։ Աբեններ նիզակին ետեւի ծայրովը սնակուշտէն զարկաւ ու նիզակը անոր կռնակէն ելաւ եւ հոն ինկաւ ու նոյն տեղը մեռաւ։ Ով որ Ասայէլին ինկած ու մեռած տեղը կու գար՝ կանգ կ’առնէր։ Յովաբ ու Աբեսսա Աբեններին ետեւէն ինկած կը հալածէին զանիկա ։ Երբ անոնք Գիայի դէմը՝ Գաբաւոնի անապատին ճամբան եղող Ամմայի բլուրը եկան, արեւը մարը մտաւ։ Բենիամինին որդիները Աբեններին ետեւէն հաւաքուեցան եւ գունդ մը եղան ու բլուրի մը գլուխը կայնեցան։ Աբեններ Յովաբին պոռալով՝ ըսաւ. «Միթէ սուրը անդադար պիտի ուտէ՞։ Չե՞ս գիտեր թէ ասոր վերջը դառն կ’ըլլայ։ Մինչեւ ե՞րբ ժողովուրդին պիտի չհրամայես որ իրենց եղբայրները հալածելէն ետ դառնան»։ Յովաբ ըսաւ. «Կենդանի է Աստուած, եթէ դուն խօսած չըլլայիր ալ՝ ժողովուրդը առտուն իր եղբայրները հալածելէն ետ պիտի դառնար»։ Այն ատեն Յովաբ փող հնչեցուց ու բոլոր ժողովուրդը կանգ առաւ ու ա՛լ Իսրայէլին ետեւէն չինկան ու պատերազմ չըրին։ Աբեններ ու իր մարդիկը բոլոր գիշերը դաշտին մէջէն երթալով՝ Յորդանանէն անցան ու բոլոր Բեթրոնը պտըտելով՝ Մանայիմ հասան։ Յովաբ Աբեններէն դարձաւ ու բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց, բայց Դաւիթին ծառաներէն տասնըինը մարդ ու Ասայէլ կը պակսէին։ Դաւիթին ծառաները Բենիամինէն ու Աբենների մարդոցմէն երեք հարիւր վաթսուն մարդ զարկին, որոնք մեռան։ Ասայէլը վերցուցին ու զանիկա Բեթլէհէմի մէջ իր հօրը գերեզմանը թաղեցին։ Յովաբ եւ անոր մարդիկը բոլոր գիշերը քալեցին ու արշալոյսին Քեբրոն հասան։ Սաւուղին տանը ու Դաւիթին տանը մէջտեղ երկայն պատերազմ եղաւ։ Դաւիթ երթալով կը զօրանար, բայց Սաւուղին տունը երթալով կը տկարանար։ Քեբրոնի մէջ Դաւիթին որդիներ ծնան ու անոր անդրանիկը Յեզրայելացի Աքինոամէն ծնած Ամմոնն էր։ Անոր երկրորդը Կարմելացի Նաբաղի կնոջմէն Աբիգիայէն ծնած Քիլաբն էր ու երրորդը Գեսուրի թագաւորին Թոլմիի աղջկան Մաաքայի որդին Աբիսողոմն էր Եւ չորրորդը Ագգիթի որդին Ադոնիան էր ու հինգերորդը Աբիտալի որդին Սափատիան էր Ու վեցերորդը Դաւիթի կնոջմէն Եգղայէն ծնած Յեթրամն էր. Քեբրոնի մէջ Դաւիթի ասոնք ծնան։ Սաւուղին տանը մէջտեղ քանի որ պատերազմ կար, Աբեններ Սաւուղին տանը թիկունքն էր։ Սաւուղ հարճ մը ունէր՝ որուն անունը Ռեսփա էր ու Այիային աղջիկն էր։ Ու Յեբուսթէն Աբեններին ըսաւ. «Իմ հօրս հարճին ինչո՞ւ մօտեցար»։ Աբեններ Յեբուսթէին խօսքերուն համար խիստ բարկացաւ ու ըսաւ. «Միթէ ես շան գլո՞ւխ եմ որ Յուդայի դէմ՝ քու հօրդ Սաւուղին տանը, անոր եղբայրներուն ու բարեկամներուն այսօր ողորմութիւն ըրի ու քեզ Դաւիթին ձեռքը չմատնեցի եւ դուն այսօր այս կնոջ համար զիս կը մեղադրես։ Աստուած Աբեններին այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ Դաւիթին չընեմ ինչ որ Տէրը անոր երդում ըրաւ. Այսինքն թագաւորութիւնը Սաւուղին տունէն վերցնեմ ու Դաւիթին աթոռը Իսրայէլի վրայ եւ Յուդայի վրայ հաստատեմ՝ Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ»։ Յեբուսթէ մէյ մըն ալ չկրցաւ Աբեններին պատասխան տալ՝ անկէ վախնալուն համար։ Աբեններ իր կողմէ Դաւիթին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Այս երկիրը որո՞ւնն է։ Ինծի հետ դաշնակցութիւն ըրէ եւ իմ ձեռքս քեզի հետ պիտի ըլլայ՝ բոլոր Իսրայէլը քեզի դարձնելու համար»։ Դաւիթ ըսաւ. «Աղէկ, ես քեզի հետ դաշնակցութիւն կ’ընեմ. բայց քեզմէ բան մը կը պահանջեմ, որ իմ երեսս տեսնելու եկած ատենդ՝ եթէ Սաւուղին աղջիկը Մեղքողը ինծի չբերես, իմ երեսս չտեսնես»։ Դաւիթ Սաւուղին որդիին, Յեբուսթէին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Իմ կինս Մեղքողը ինծի տուր, որ Փղշտացիներու հարիւր անթլփատութիւններովը առի»։ Յեբուսթէ մարդ ղրկեց ու զանիկա անոր այրէն, Լայիսեան Փաղտիէլէն առաւ։ Անոր այրը լալով մինչեւ Բաւուրիմ անոր ետեւէն գնաց։ Ու Աբեններ անոր ըսաւ. «Գնա՛, դարձի՛ր»։ Ու անիկա դարձաւ։ Աբեններ Իսրայէլի ծերերուն հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երէկ ու միւս օր կ’ուզէիք որ Դաւիթ ձեր վրայ թագաւոր ըլլայ, Ուրեմն հիմա ըրէք. քանզի Տէրը Դաւիթին համար խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլ Փղշտացիներուն ձեռքէն ու անոր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն՝ իմ ծառայիս Դաւիթին ձեռքով պիտի ազատեմ’»։ Աբեններ նոյն խօսքերը Բենիամինին ալ ըսաւ։ Անկէ ետքը Աբեններ Քեբրոն գնաց, որպէս զի Իսրայէլին ու Բենիամինին բոլոր տանը հաճոյ երեւցածը Դաւիթին ալ պատմէ։ Աբեններ Քեբրոն գնաց՝ Դաւիթին հետ քսան մարդ ունենալով ։ Դաւիթ Աբեններին ու անոր հետ եղող մարդոց խնճոյք ըրաւ։ Աբեններ Դաւիթին ըսաւ. «Ելլեմ երթամ եւ բոլոր Իսրայէլը իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ քով հաւաքեմ, որպէս զի քեզի հետ դաշնակցութիւն ընեն ու դուն սրտիդ ուզածին պէս թագաւորութիւն ընես»։ Դաւիթ Աբենները ղրկեց, որ խաղաղութեամբ գնաց։ Դաւիթին ծառաները ու Յովաբ ասպատակութենէ ետ դարձան ու իրենց հետ խիստ շատ աւար բերին։ Աբեններ Դաւիթին քով Քեբրոնի մէջ չէր. քանզի Դաւիթ զանիկա ղրկեր էր ու անիկա խաղաղութեամբ գացեր էր։ Երբ Յովաբ եւ անոր հետ եղող բոլոր զօրքը եկան, Յովաբին պատմեցին ու ըսին. «Ներեան Աբեններ թագաւորին եկաւ. ան ալ զանիկա ղրկեց ու խաղաղութեամբ գնաց»։ Այն ատեն Յովաբ թագաւորին գնաց ու ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, ահա Աբեններ քեզի եկեր է. ինչո՞ւ համար զանիկա թողուցիր որ երթայ։ Դուն չե՞ս գիտեր, որ Ներեան Աբեններ քեզ խաբելու, քու ելլելու ու մտնելու տեղդ հասկնալու ու քու ամէն գործդ իմանալու համար եկաւ»։ Յովաբ Դաւիթին քովէն ելաւ ու Աբեններին ետեւէն պատգամաւորներ ղրկեց ու զանիկա Սիրայի ջրհորէն ետ դարձուցին։ Բայց Դաւիթ չէր գիտեր։ Երբ Աբեններ Քեբրոն դարձաւ, Յովաբ զանիկա դրանը ներսիդին քաշեց, անոր հետ ծածուկ խօսակցութիւն ընելու համար ու զանիկա հոն, իր եղբօրը Ասայէլին արեանը համար, սնակուշտէն զարկաւ ու անիկա մեռաւ։ Երբ Դաւիթ լսեց՝ ըսաւ. «Ես ու իմ թագաւորութիւնս Ներեան Աբեններին արիւնէն յաւիտեան անպարտ ենք Տէրոջը առջեւ։ Յովաբին գլխուն վրայ ու անոր հօրը բոլոր տանը վրայ հասնի ու Յովաբին տունէն սերմնակաթ, բորոտ, ցուպի կռթնող, սրով ինկող ու հացի կարօտ պակաս չըլլայ»։ Այսպէս Յովաբ ու անոր եղբայրը Աբեսսա Աբենները մեռցուցին, քանզի անիկա անոնց եղբայրը Ասայէլը պատերազմի ժամանակ Գաբաւոնի մէջ մեռցուցեր էր։ Դաւիթ Յովաբին ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Հանդերձնիդ պատռեցէ՛ք ու քուրձեր հագէ՛ք եւ Աբեններին առջեւէն լացէ՛ք»։ Դաւիթ թագաւորը դագաղին ետեւէն գնաց։ Աբենները Քեբրոնի մէջ թաղեցին ու թագաւորը ձայնը վերցուց ու Աբեններին գերեզմանին վրայ լացաւ։ Բոլոր ժողովուրդն ալ լացաւ։ Թագաւորը Աբեններին համար ողբաց ու ըսաւ. «Միթէ Աբեններ այնպէ՞ս մեռաւ, Ինչպէս անզգամ մարդ մը կը մեռնի։ Քու ձեռքերդ կապուած չէին Ու ոտքերդ կապանքի մէջ դրուած չէին. Անօրէններուն առջեւ ինկողի մը պէս ինկար»։ Բոլոր ժողովուրդը նորէն անոր վրայ լացաւ։ Եւ քանի որ ցորեկ էր, բոլոր ժողովուրդը եկաւ որ Դաւիթին հաց կերցնեն. բայց Դաւիթ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելին ընէ, եթէ արեւին մտնելէն առաջ հաց կամ ուրիշ բան մը ճաշակեմ»։ Բոլոր ժողովուրդը ուշադրութիւն ըրաւ ու այս բանը իրենց աչքին հաճոյ երեւցաւ՝ ինչպէս թագաւորին ամէն ըրածը բոլոր ժողովուրդին աչքերուն հաճոյ կ’երեւնար։ Այն օրը բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր Իսրայէլ հասկցաւ, որ Ներեան Աբեններին մեռցուիլը թագաւորին կամքովը չէր։ Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Չէ՞ք գիտեր, թէ այսօր Իսրայէլի մէջ մեծ զօրավար մը ինկաւ։ Ես այսօր տկար եմ, թէպէտեւ թագաւոր օծուեցայ ու մարդիկը՝ Շարուհեայի որդիները՝ ինծի համար դաժան են. Տէրը հատուցանէ չարութիւն ընողին անոր չարութեանը համեմատ»։ Սաւուղին որդին Յեբուսթէն, երբ Աբեններին Քեբրոնի մէջ մեռնիլը լսեց, ձեռքերը թուլցան ու բոլոր Իսրայէլ տագնապեցաւ։ Սաւուղին որդին երկու գնդապետ ունէր, մէկուն անունը՝ Բաանա ու միւսին անունը Ռեքաբ էր։ Ասոնք Բենիամինին ցեղէն Բերովթացի Ռեմօնին որդիներն էին. (քանզի Բերովթ ալ Բենիամինեաններուն քաղաքը կը սեպուէր Ու Բերովթացիները Գեթթայիմ փախան եւ հոն մինչեւ այսօր պանդուխտի պէս բնակեցան։) Սաւուղին որդին Յովնաթան ոտքերը կաղ տղայ մը ունէր, որը ՝ երբ Սաւուղին ու Յովնաթանին մահուան լուրը Յեզրայէլէն եկաւ՝ հինգ տարեկան էր։ Անոր դայեակը զանիկա առաւ ու փախաւ։ Երբ փախչելու կը փութար, տղան ինկաւ կաղ եղաւ։ Անոր անունը Մեմփիբոսթէ էր։ Բերովթացի Ռեմօնին որդիները՝ Ռեքաբ ու Բաանա՝ գացին ու ցորեկուան տաք ատենը Յեբուսթէին տունը մտան։ Անիկա կէսօրուան ատեն պառկեր կը քնանար։ Դռնապանուհին ալ, որ ցորեն կը մաքրէր, թմրելով քնացած էր։ Ռեքաբ եւ իր եղբայրը Բաանա, բարեկամութիւն կեղծելով տունը մտան։ Յեբուսթէ ներքին սենեակը իր անկողնին մէջ կը քնանար, զանիկա զարկին մեռցուցին եւ անոր գլուխը կտրեցին ու գլուխը առնելով՝ բոլոր գիշերը դաշտին ճամբովը գացին։ Յեբուսթէին գլուխը Քեբրոն տարին Դաւիթին ու թագաւորին ըսին. «Ահա քու թշնամիիդ, քու կեանքդ փնտռող Սաւուղին որդիին Յեբուսթէին գլուխը։ Տէրը Սաւուղէն ու անոր սերունդէն այսօր վրէժը առաւ»։ Դաւիթ Բերովթացի Ռեմօնին որդիներուն, Ռեքաբին ու անոր եղբօրը Բաանային պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իմ հոգիս ամէն նեղութենէ ազատող Տէրը կենդանի է, Որ՝ ա՛ն որ ինծի պատմեց ու ըսաւ թէ ‘Սաւուղ մեռաւ’, կարծելով թէ աւետիս տուող մը պիտի երեւնայ ինծի, զանիկա բռնեցի ու Սիկելակի մէջ զանիկա մեռցուցի եւ անոր տուած աւետիսին վարձքը այդ եղաւ։ Ո՜րչափ աւելի նոյն վարձքը կը վայլէ այն չար մարդոց, որոնք արդար մարդ մը իր տանը մէջ իր անկողնին վրայ մեռցուցին։ Հիմա անոր արիւնը անշուշտ ձեր ձեռքէն պիտի պահանջեմ ու ձեզ երկրիս վրայէն պիտի վերցնեմ»։ Այն ատեն Դաւիթ իր մանչերուն հրամայեց ու զանոնք մեռցուցին եւ անոնց ձեռքերն ու ոտքերը կտրեցին ու Քեբրոնի աւազանին վրայ կախեցին։ Իսկ Յեբուսթէին գլուխը առին ու Քէբրոնի մէջ Աբեններին գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Իսրայէլին բոլոր ցեղերը Քեբրոն եկան Դաւիթին ու անոր ըսին. «Ահա մենք քու ոսկորդ ու քու մարմինդ ենք։ Ասկէ առաջ ալ՝ երբ Սաւուղ մեր վրայ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողն ու ներս բերողը դուն էիր եւ Տէրը քեզի ըսաւ. ‘Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ դուն պիտի հովուես ու Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլաս’»։ Իսրայէլին բոլոր ծերերը Քեբրոն եկան թագաւորին ու Դաւիթ թագաւորը Քեբրոնի մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց հետ դաշնակցութիւն ըրաւ։ Անոնք Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին։ Դաւիթ երեսուն տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Քեբրոնի մէջ Յուդայի վրայ եօթը տարի ու վեց ամիս թագաւորութիւն ըրաւ ու Երուսաղէմի մէջ բոլոր Իսրայէլի ու Յուդայի վրայ երեսունըերեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Թագաւորը իր մարդոցմով Երուսաղէմ գնաց, այն երկիրը բնակող Յեբուսացիներուն վրայ։ Ու Դաւիթին խօսեցան՝ ըսելով. «Եթէ կոյրերն ու կաղերը չվերցնես, հոս պիտի չմտնես», կարծելով թէ Դաւիթ չի կրնար հոն մտնել։ Բայց Դաւիթ առաւ Սիօնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաքը կը կոչուի ։) Դաւիթ այն օրը ըսաւ. «Ով որ Յեբուսացիները զարնէ ու ջրանցքը հասնելով Դաւիթին ատելի կաղերն ու կոյրերը վերցնէ, անիկա զօրագլուխ պիտի ըլլայ »։ Անոր համար կ’ըսեն՝ ‘Կոյրն ու կաղը տունը չմտնէ’։ Դաւիթ այն բերդին մէջ նստաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը անուանեց։ Դաւիթ անոր չորս կողմը Մելօնէ դէպի ներս շէնքեր շինեց։ Դաւիթ երթալով կը մեծնար ու զօրքերու Տէր Աստուածը անոր հետ էր։ Տիւրոսի թագաւորը՝ Քիրամ՝ Դաւիթին դեսպաններ ղրկեց, նաեւ եղեւնափայտեր ու հիւսներ ու որմնադիրներ, որոնք Դաւիթին տուն շինեցին։ Այն ատեն Դաւիթ իմացաւ որ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատեց ու իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլին համար՝ իր թագաւորութիւնը բարձրացուց։ Դաւիթ Քեբրոնէն գալէն ետքը՝ Երուսաղէմէն ուրիշ հարճեր ու կիներ ալ առաւ։ Դաւիթին ուրիշ տղաքներ ու աղջիկներ ալ ծնան։ Երուսաղէմի մէջ անոր ծնած տղոցը անունները ասոնք են՝ Սամաա, Սովբաբ, Նաթան, Սողոմոն, Յեբաար, Եղիսուա, Նաբեկ, Յափիէ, Եղիսամա, Եղիադա ու Եղիփաղէտ։ Փղշտացիները Դաւիթին Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծուիլը լսելով, բոլոր Փղշտացիները ոտքի ելան, որպէս զի Դաւիթը փնտռեն։ Երբ Դաւիթ այս բանը լսեց՝ բերդը իջաւ։ Փղշտացիները եկան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։ Ու Դաւիթ Տէրոջը հարցուց. «Փղշտացիներուն դէմ ելլե՞մ, զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս»։ Տէրը Դաւիթին ըսաւ. «Ելի՛ր, քանզի Փղշտացիները անշուշտ քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։ Այն ատեն Դաւիթ Բաաղ-Փարասին գնաց ու զանոնք հոն զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրը իմ թշնամիներս իմ ձեռքովս պատռտեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատռտեն»։ Անոր համար այն տեղին անունը Բաաղփարասին կոչուեցաւ։ Փղշտացիները հոն թողուցին իրենց կուռքերը։ Դաւիթ ու իր մարդիկը զանոնք առին։ Ու Փղշտացիները նորէն ելան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։ Երբ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց, Տէրը ըսաւ. «Մի՛ ելլեր. հապա անոնց ետեւի կողմը դառնալով՝ թթենիներուն կողմէն անոնց վրայ գնա Ու երբ թթենիներուն գլուխը քալուածքի մը ձայն լսես, այն ատեն շարժիր, քանզի այն ատեն Տէրը քու առջեւէդ պիտի ելլէ Փղշտացիներուն բանակը զարնելու համար»։ Եւ Դաւիթ այնպէս ըրաւ, ինչպէս Տէրը իրեն հրամայեց ու Գաբայէն մինչեւ Գազեր Փղշտացիները զարկաւ։ Դաւիթ նորէն Իսրայէլէն երեսուն հազար ընտրուած մարդիկ հաւաքեց Ու Դաւիթ իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդով ելաւ եւ Յուդայի Բաաղը գնաց, որպէս զի անկէ Աստուծոյ տապանակը վեր հանէ, որուն քերովբէներուն վրայ նստող զօրութեան Տէրոջը անունը տրուած է։ Աստուծոյ տապանակը նոր սայլի մը վրայ դրին ու զանիկա Բլրացի Աբինադաբին տունէն վերցուցին։ Աբինադաբին որդիները՝ Ոզա ու Աքիով՝ այն նոր սայլը կը վարէին։ Զանիկա Աստուծոյ տապանակին հետ Բլրացի Աբինադաբին տունէն հանեցին ու Աքիով տապանակին առջեւէն կ’երթար։ Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը մայրիի փայտէ շինուած ամէն տեսակ նուագարաններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, դափերով ու ծնծղաներով Տէրոջը առջեւ կը խաղային։ Երբ Նաքոնին կալը եկան, Ոզա իր ձեռքը Աստուծոյ տապանակին երկնցուց ու զանիկա բռնեց, քանզի եզները զանիկա ծռեր էին։ Եւ Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ Ոզային դէմ ու զանիկա՝ հո՛ն այս յանցանքին համար՝ զարկաւ, որը նոյն տեղը Աստուծոյ տապանակին քով մեռաւ։ Դաւիթ տրտմեցաւ, քանզի Տէրը հարուածով Ոզան զարկաւ ու այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Փարէս-Ոզա կոչուեցաւ։ Դաւիթ այն օրը Տէրոջմէ վախցաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը տապանակը ի՞նչպէս իմ քովս պիտի մտնէ»։ Դաւիթ Տէրոջը տապանակը իր քով՝ Դաւիթին քաղաքը՝ չուզեց տանիլ, այլ զանիկա գեթացի Աբդեդօմին տունը դարձուց։ Եւ Տէրոջը տապանակը Գեթացի Աբդեդօմին տունը երեք ամիս մնաց։ Տէրը Աբդեդօմն ու անոր բոլոր տունը օրհնեց։ Դաւիթ թագաւորին պատմեցին ու ըսին. «Աստուծոյ տապանակին համար Տէրը Աբդեդօմին տունը ու անոր ամէն ունեցածը օրհնեց»։ Դաւիթ գնաց ու Աստուծոյ տապանակը Աբդեդօմին տունէն ուրախութեամբ Դաւիթին քաղաքը բերաւ։ Տէրոջը տապանակը վերցնողները վեց քայլ առաջ գացին, արջառներ ու պարարտ զուարակներ զոհեց Եւ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ բոլոր ուժովը խաղցաւ։ Դաւիթ քթանէ եփուտ հագեր էր։ Դաւիթ ու Իսրայէլի բոլոր տունը Տէրոջը տապանակը ուրախութեամբ ու փողերու ձայներով տարին։ Երբ Տէրոջը տապանակը Դաւիթին քաղաքը եկաւ, Սաւուղին աղջիկը Մեղքող պատուհանէն նայելով՝ տեսաւ որ Դաւիթ թագաւորը Տէրոջը առջեւ ցատկռտելով կը խաղայ, ուստի զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց։ Տէրոջը տապանակը բերին ու զանիկա իր տեղը դրին այն վրանին մէջ, որ Դաւիթ անոր համար կանգնեցուցեր էր։ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց։ Դաւիթ, երբ ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերը մատուցանելը լմնցուց, զօրքերու Տէրոջ անունով ժողովուրդը օրհնեց։ Իսրայէլի բոլոր բազմութեանը, այր մարդէն մինչեւ կին մարդը, բոլոր ժողովուրդին ամէն մէկուն մէկ նկանակ, կտոր մը միս ու կարկանդակ մը բաժնեց ու բոլոր ժողովուրդը՝ ամէն մէկը իր տունը գնաց։ Դաւիթ անկէ դարձաւ իր տունը օրհնելու համար։ Սաւուղին աղջիկը Մեղքող Դաւիթը դիմաւորելու ելաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլի թագաւորը այսօր ի՜նչ փառաւոր էր, երբ իր ծառաներուն եւ աղախիններուն առջեւ ինքզինք մերկացուց՝ ինչպէս սրիկաներէն մէկը ինքզինք կը մերկացնէ»։ Դաւիթ Մեղքողին ըսաւ. «Ես այն Տէրոջը առջեւ խաղացի, որ զիս քու հօրմէդ ու անոր բոլոր տունէն աւելի ընտրեց ու զիս Տէրոջը ժողովուրդին Իսրայէլին վրայ իշխան դրաւ։ Այո՛, ես այն Տէրոջը առջեւ կը խաղամ։ Զիս ասկէ աւելի անարգ երեւցնելով՝ քու աչքերուդ առջեւ նուաստ ալ երեւնամ. իսկ այն քու ըսած աղախիններուդ առջեւ պիտի փառաւորուիմ»։ Սաւուղին աղջիկը՝ Մեղքող՝ մինչեւ իր մահուան օրը զաւակ չծնաւ։ Երբ թագաւորը իր տունը նստաւ, Տէրը զանիկա իր բոլորտիքը եղող բոլոր թշնամիներէն ազատելով հանգստացուց, Թագաւորը Նաթան մարգարէին ըսաւ. «Ահա ես եղեւնափայտէ շինուած տան մը մէջ կը բնակիմ, բայց Աստուծոյ տապանակը վրանի մէջ կեցեր է»։ Նաթան ըսաւ թագաւորին. «Գնա՛, բոլոր սրտիդ մէջ եղածը ըրէ՛, քանզի Տէրը քեզի հետ է»։ Նոյն գիշերը Տէրոջը խօսքը Նաթանին եղաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, իմ ծառայիս Դաւիթին ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դո՞ւն ինծի բնակելու համար տուն պիտի շինես։ Իսրայէլին որդիները Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր տան մէջ չբնակեցայ, այլ վրաններով ու խորաններով պտըտեցայ։ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն հետ որչափ տեղ որ պտըտեցայ, միթէ բան մը խօսեցա՞յ Իսրայէլի ցեղերէն մէկուն հետ, որոնց իմ ժողովուրդս Իսրայէլը հովուելու հրաման տուեր էի ու ըսի՞ թէ «Ինչո՞ւ համար ինծի եղեւնափայտէ տուն մը չշինեցիք»’։ Հիմա իմ ծառայիս Դաւիթին գնա ու ըսէ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ փարախէն, ոչխարներուն ետեւէն առի, որպէս զի իմ Իսրայէլ ժողովուրդիս վրայ առաջնորդ ըլլաս Եւ ուր որ կ’երթայիր՝ քեզի հետ էի եւ քու առջեւէդ բոլոր թշնամիներդ կոտորեցի ու երկրի վրայ եղող մեծերուն անուանը պէս քու անունդ մեծցուցի։ Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ալ տեղ մը պիտի որոշեմ ու զանիկա պիտի տնկեմ, որ իր տեղը բնակի ու ալ չշարժի։ Անիրաւութեան որդիները առաջուան պէս անգամ մըն ալ պիտի չնեղեն զանիկա, Ինչպէս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ դատաւորներ դրած օրէս ի վեր եղաւ ու քեզ քու ամէն թշնամիներէդ պիտի հանգստացնեմ։ Տէրը քեզի կ’իմացնէ թէ Տէրը քեզի տուն պիտի շինէ։ Երբ քու օրերդ լեցուին ու դուն քու հայրերուդ հետ քնանաս, քեզմէ ետքը քու երանքէդ ելլող զաւակդ պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ։ Անիկա իմ անուանս տուն պիտի շինէ ու անոր թագաւորութեան աթոռը յաւիտեան պիտի կանգնեմ. Ես անոր հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ։ Եթէ անիկա անիրաւութիւն ընէ, ես զանիկա մարդոց գաւազանովն ու մարդոց որդիներուն հարուածներովը պիտի պատժեմ. Բայց իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի չվերցնեմ, ինչպէս Սաւուղէն վերցուցի ու զանիկա քու առջեւէդ վռնտեցի։ Եւ քու տունդ ու թագաւորութիւնդ քու առջեւդ յաւիտեան ապահով պիտի ըլլան, քու աթոռդ յաւիտեան հաստատ պիտի մնայ’»։ Նաթան այս բոլոր խօսքերն ու այս բոլոր տեսիլքը մէկիկ մէկիկ Դաւիթին պատմեց։ Այն ատեն Դաւիթ թագաւորը գնաց, Տէրոջը առջեւ նստաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ես ո՞վ եմ ու իմ տունս ի՞նչ է, որ զիս մինչեւ հոս բերիր։ Սակայն ասիկա ալ քու աչքերուդ պզտիկ երեւցաւ, ո՛վ Տէր Եհովա ու քու ծառայիդ տանը վրայով հեռաւոր ժամանակի համար ալ խօսեցար։ Մարդոց սովորութիւնը ասիկա՞ է արդեօք, ո՛վ Տէր Եհովա։ Դաւիթ նորէն քեզի ի՞նչ ըսէ. քանզի՝ դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, քու ծառադ կը ճանչնաս։ Այս բոլոր մեծ բաները քու խօսքիդ համար ու քու սրտիդ պէս ըրիր, որպէս զի ծառայիդ գիտցնես։ Ասոր համար մեծ երեւցար, ո՛վ Տէր Աստուած. քանզի քեզի պէս ուրիշ մէկը չկայ ու քեզմէ զատ Աստուած չկայ՝ մեր ականջներովը մեր բոլոր լսածներուն համեմատ։ Ո՞ր ազգը երկրի վրայ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս է, որուն համար նոյն ինքն Աստուած եկաւ զանիկա փրկելու, իրեն ժողովուրդ ընելու ու իրեն մեծ անուն վաստկելու եւ քու երկրիդ մէջ այս մեծ ու սոսկալի բաները ընելու, քեզի համար Եգիպտոսէն ազատած ժողովուրդիդ առջեւէն ազգերն ու անոնց աստուածները վռնտելով ։ Եւ քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլը՝ յաւիտեան քեզի ժողովուրդ հաստատեցիր ու դուն, ո՛վ Տէր, անոնց Աստուած եղար։ Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, քու ծառայիդ համար ու անոր տանը համար ըսած խօսքդ յաւիտեան հաստատէ ու ըսածիդ պէս ըրէ Եւ քու անունդ յաւիտեան մեծ ճանչցուի ու ըսեն թէ ‘Զօրութեան Տէրը Իսրայէլի վրայ Աստուած է’ու քու ծառայիդ Դաւիթին տունը քու առջեւդ հաստատ մնայ։ Քանզի դուն, ո՛վ Տէր զօրութեան, Աստուա՛ծ Իսրայէլի, քու ծառայիդ յայտնեցիր ու ըսիր՝ ‘Քեզի տուն պիտի շինեմ’. ասոր համար ծառադ իր սրտին մէջ համարձակութիւն գտաւ այս աղօթքը քեզի ընելու։ Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Եհովա, այն Աստուածը դուն ես ու քու խօսքերդ ճշմարիտ են եւ քու ծառայիդ այս աղէկութիւնը խոստացար։ Ուստի հիմա կամք ըրէ՝ ՝ քու ծառայիդ տունը օրհնելու, որպէս զի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. քանզի, ո՛վ Տէր Եհովա, դուն ըսիր ու քու օրհնութիւնովդ ծառայիդ տունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ»։ Անկէ յետոյ Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք նուաճեց եւ Փղշտացիներուն ձեռքէն Մեթեկամման առաւ։ Նաեւ Մովաբը զարկաւ ու գետինը պառկեցնելով զանոնք լարով չափեց. երկու լարով մեռցնելու չափեց ու մէկ ամբողջ լարով ապրեցնելու։ Մովաբացիք Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։ Դաւիթ Սուբայի թագաւորը, Ռուբին որդին Ադրազարը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելու՝ ՝ կ’երթար։ Դաւիթ անկէ հազար եօթը հարիւր ձիաւոր ու քսան հազար հետեւակ զօրք բռնեց։ Դաւիթ բոլոր կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց՝ ՝։ Դամասկոսի Ասորիները Սուբայի թագաւորին Ադրազարին օգնութիւն ընելու եկան։ Դաւիթ Ասորիներէն քսանըերկու հազար մարդ զարկաւ։ Դաւիթ Դամասկոսի Ասորիներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու Ասորիները Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։ Դաւիթ Ադրազարին ծառաներուն ոսկիէ վահանները առաւ ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ։ Ադրազարին քաղաքներէն՝ Բեթահէն ու Բերոթայէն՝ խիստ շատ պղինձ առաւ։ Եմաթին թագաւորը՝ Թովու, երբ լսեց թէ Դաւիթ Ադրազարին բոլոր զօրքերը ջարդեր է, Իր որդին Յովրամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէս զի անոր բարեւ տանի ու զանիկա օրհնէ, Ադրազարին դէմ պատերազմ ընելուն ու զանիկա զարնելուն համար։ (Քանզի Ադրազար Թովուին հետ պատերազմներ կ’ընէր։) Յովրամին ձեռքը արծաթէ անօթներ, ոսկիէ անօթներ ու պղնձէ անօթներ կային։ Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջը նուիրեց, միւս նուիրած արծաթին ու ոսկիին հետ, որոնք բոլոր իր յաղթած ազգերէն առեր էր ՝ Ասորիներէն, Մովաբէն, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն, Ամաղէկէն եւ Սուբայի թագաւորին, Ռուբին որդիին Ադրազարին աւարէն։ Դաւիթ երբ Աղի ձորին մէջ տասնըութը հազար Ասորիներ կոտորեց ու ետ դարձաւ, մեծ անուն վաստկեցաւ։ Եդովմի մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ. բոլոր Եդովմի երկրին մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ եւ բոլոր Եդովմայեցիները Դաւիթին ծառայ եղան ու Դաւիթ ուր որ կ’երթար, Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Դաւիթ իր բոլոր ժողովուրդին իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընէր։ Շարուհեայի որդին Յովաբը զօրքերուն վրայ էր ու Աքիղուդի որդին Յովսափատը յիշատակներու դպիր էր Եւ Աքիտովբի որդին Սադովկը ու Աբիաթարի որդին Աքիմելէքը քահանաներ էին ու Սարայիան ատենադպիր էր Եւ Յովիադային որդին Բանիան՝ Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր ու Դաւիթին որդիները նախարարներ էին։ Դաւիթ հարցուց. «Արդեօք Սաւուղին տունէն մնացած մարդ մը կա՞յ, որ Յովնաթանին սիրոյն համար անոր բարերարութիւն ընեմ»։ Սաւուղին տունէն Սիբա անունով ծառայ մը կար։ Զանիկա Դաւիթին կանչեցին։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Սիբան դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ծառադ եմ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Սաւուղին տունէն մնացած մարդ մը չկա՞յ, որպէս զի անոր Աստուծոյ ողորմութիւնը ընեմ»։ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Յովնաթանէն՝ ոտքերը կաղ որդի մը մնաց»։ Թագաւորը ըսաւ անոր. «Անիկա ո՞ւր է»։ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Ահա անիկա Լադաբարի մէջ Ամիէլի որդիին Մաքիրին տունն է»։ Դաւիթ թագաւորը մարդ ղրկեց ու զանիկա Լադաբարի Ամիէլին որդիին Մաքիրին տունէն բերաւ։ Սաւուղին որդիին՝ Յովնաթանին որդին Մեմփիբոսթէ, երբ Դաւիթին եկաւ, երեսի վրայ ինկաւ ու խոնարհութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Մեմփիբոսթէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա քու ծառադ»։ Դաւիթ անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի քու հօրդ Յովնաթանին սիրոյն համար քեզի անշուշտ բարերարութիւն պիտի ընեմ ու քու հօրդ Սաւուղին բոլոր արտերը քու վրադ պիտի դարձնեմ ու դուն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտես»։ Անիկա խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Քւ ծառադ ո՞վ է, որ ինծի պէս մեռած շան մը վրայ նայեցար»։ Իսկ թագաւորը Սաւուղին ծառան Սիբան կանչեց ու անոր ըսաւ. «Սաւուղին ու անոր տանը բոլոր ստացուածքը քու տիրոջդ որդիին տուի։ Դուն ու քու որդիներդ ու ծառաներդ անոր երկիրը մշակեցէք ու անոր պտուղը իրեն բերէք, որպէս զի քու տիրոջդ որդին ուտելու հաց ունենայ եւ քու տիրոջդ որդին Մեմփիբոսթէն միշտ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ»։ Ու Սիբա տասնըհինգ որդի ու քսան ծառայ ունէր։ Եւ Սիբան ըսաւ թագաւորին. «Իմ թագաւոր տէրս քու ծառայիդ ինչ որ հրամայեց, քու ծառադ այնպէս պիտի ընէ»։ Բայց Մեմփիբոսթէն ( ըսաւ Դաւիթ,) թագաւորին որդիներէն մէկուն պէս՝ իմ սեղանս հաց պիտի ուտէ։ Ու Մեմփիբոսթէն պզտիկ տղայ մը ունէր, որուն անունը Միքա էր։ Սիբային տունը բնակողները Մեմփիբոսթէին ծառաներն էին։ Մեմփիբոսթէն Երուսաղէմի մէջ բնակեցաւ, քանզի միշտ թագաւորին սեղանը հաց կ’ուտէր ու անիկա իր երկու ոտքերովը կաղ էր։ Անկէ յետոյ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը մեռաւ ու անոր որդին Անոն անոր տեղ թագաւոր եղաւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Նաասի որդիին՝ Անոնին՝ մարդասիրութիւն ընեմ, ինչպէս անոր հայրը ինծի մարդասիրութիւն ըրաւ»։ Դաւիթ իր ծառաները անոր ղրկեց, որպէս զի զանիկա իր հօրը համար մխիթարեն։ Դաւիթին ծառաները Ամմոնի որդիներուն երկիրը գացին։ Ամմոնի որդիներուն իշխանները իրենց տիրոջը Անոնին ըսին. «Միթէ Դաւիթ քու հայրդ քու առջեւդ պատուելո՞ւ համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց։ Չէ՞ որ Դաւիթ իր ծառաները քեզի ղրկեց, որպէս զի ետքը զանիկա կործանէ»։ Անոն Դաւիթին ծառաները առաւ ու անոնց մօրուքին կէսը ածիլել տուաւ ու անոնց հանդերձներուն ալ կէսը մինչեւ նստելու տեղը կտրել տուաւ եւ այնպէս ղրկեց զանոնք։ Երբ այս բանը Դաւիթին պատմուեցաւ, զանոնք դիմաւորելու մարդ ղրկեց, քանզի այն մարդիկը շատ անարգուեր էին ու թագաւորը ըսաւ. «Երիքովի մէջ նստեցէք մինչեւ մօրուքնիդ աճի ու ետքը եկէք»։ Ամմոնի որդիները տեսնելով որ Դաւիթին հետ աւրուեցան, մարդ ղրկեցին ու Բեթրոոբի Ասորիներէն եւ Սուբայի Ասորիներէն քսան հազար հետեւակ ու Մաաքայի թագաւորէն հազար մարդ եւ Իստովբէ տասներկու հազար մարդ վարձքով բռնեցին։ Երբ Դաւիթ լսեց, Յովաբն ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց։ Ամմոնի որդիները ելան ու քաղաքին դրանը առջեւ կարգաւ պատերազմի շարուեցան, բայց Սուբայի եւ Րոոբի Ասորիները ու Իստովբ ու Մաաքա՝ ՝ դաշտի մէջ զատ կայնեցան։ Յովաբ երբ տեսաւ թէ պատերազմը առջեւէն ու ետեւէն իր վրայ պիտի հասնի, Իսրայէլի բոլոր ընտրուած մարդոցմէն ընտրեց ու Ասորիներուն դէմ պատերազմի շարեց Եւ մնացած զօրքը իր եղբօրը Աբեսսային յանձնեց, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն դէմ շարէ։ Ու ըսաւ. «Եթէ Ասորիները ինծի յաղթելու ըլլան, ինծի օգնութեան հասիր եւ եթէ Ամմոնի որդիները քեզի յաղթելու ըլլան, ես քեզի օգնութեան պիտի հասնիմ։ Քաջասիրտ եղի՛ր ու մեր ժողովուրդին համար եւ մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժով պատերազմինք ու Տէրը իր աչքին հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։ Յովաբ իրեն հետ եղող զօրքով Ասորիներուն մօտեցաւ, որպէս զի անոնց դէմ պատերազմ ընէ ու անոնք իրեն առջեւէն փախան։ Ամմոնի որդիները Ասորիներուն փախչիլը տեսնելով, իրենք ալ Աբեսսային առջեւէն փախան ու քաղաքը մտան։ Յովաբ Ամմոնի որդիներէն դարձաւ ու Երուսաղէմ եկաւ։ Երբ Ասորիները տեսան թէ իրենք Իսրայէլին առջեւ կոտորուեցան, մէկտեղ հաւաքուեցան։ Ու Ադրազար մարդ ղրկեց եւ Գետին անդիի կողմը եղող Ասորիները ոտքի հանեց ու Էլամ եկան։ Անոնց առջեւէն Ադրազարի զօրագլուխը Սովբակ կ’երթար ։ Երբ Դաւիթին պատմեցին, անիկա բոլոր Իսրայէլը հաւաքելով՝ Յորդանանէն անցաւ ու Էլամ հասաւ։ Ասորիները Դաւիթին դէմ գունդերով շարուեցան ու անոր հետ պատերազմ ըրին։ Ասորիները Իսրայէլին առջեւէն փախան ու Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հարիւր կառք ու քառասուն հազար ձիաւոր կոտորեց ու անոնց զօրագլուխը Սովբակը զարկաւ, որ հոն մեռաւ։ Ադրազարի հպատակ եղող բոլոր թագաւորները, երբ տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ յաղթուեցան, Իսրայէլին հետ հաշտութիւն ըրին ու անոր ծառայ եղան եւ Ասորիները անկէ ետքը Ամմոնի որդիներուն օգնելու կը վախնային։ Հետեւեալ տարին, թագաւորներուն պատերազմի ելլելու ատենը, Դաւիթ Յովաբը ու անոր հետ իր ծառաներն ու բոլոր Իսրայէլը ղրկեց, որոնք Ամմոնացիները կոտորեցին ու Ռաբբան պաշարեցին. բայց Դաւիթ Երուսաղէմ կը նստէր։ Օր մը ՝ իրիկուան դէմ՝ Դաւիթ իր անկողնէն ելլելով պալատին տանիքին վրայ կը պտըտէր։ Տանիքին վրայէն կին մը տեսաւ, որ կը լուացուէր։ Այն կինը տեսքով խիստ գեղեցիկ էր։ Եւ Դաւիթ մարդ ղրկեց ու այն կնոջ համար հարցուց։ Մէկը ըսաւ. «Ասիկա Քետացի Ուրիային կինը, Էլիամին աղջիկը, Բերսաբէն է»։ Դաւիթ պատգամաւորներ ղրկեց ու զանիկա կանչեց։ Երբ կինը անոր եկաւ, Դաւիթ անոր հետ պառկեցաւ։ Անիկա իր անմաքրութենէն դեռ նոր մաքրուած էր։ Ետքը կինը իր տունը գնաց։ Կինը յղացաւ ու Դաւիթին լուր ղրկեց՝ ըսելով. «Ես յղի եմ»։ Դաւիթ Յովաբին հրաման ղրկեց ու ըսաւ. «Քետացի Ուրիան ինծի ղրկէ»։ Յովաբն ալ Ուրիան Դաւիթին ղրկեց։ Երբ Ուրիա անոր եկաւ, Դաւիթ Յովաբին ողջութիւնը ու զօրքին ողջութիւնը ու պատերազմին վիճակը հարցուց։ Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Տունդ իջիր ու ոտքերդ լուա՛»։ Ուրիա թագաւորին պալատէն ելածին պէս, անոր ետեւէն թագաւորէն պարգեւ գնաց։ Բայց Ուրիա իր տիրոջը բոլոր ծառաներուն հետ՝ պալատին դուռը պառկեցաւ ու իր տունը չիջաւ։ Երբ Դաւիթին պատմեցին ու ըսին թէ՝ Ուրիա իր տունը չիջաւ, Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Դուն ճամբայէ չե՞ս եկեր, ինչո՞ւ համար քու տունդ չես իջներ»։ Ուրիա ըսաւ Դաւիթին. «Տապանակը ու Իսրայէլը ու Յուդան վրաններու մէջ կը նստին եւ իմ տէրս Յովաբն ու իմ տիրոջս ծառաները բաց դաշտի մէջ կը բնակին, ես ուտելու ու խմելու եւ կնոջս հետ պառկելու համար իմ տո՞ւնս երթամ։ Դուն կենդանի ես ու քու հոգիդ կենդանի է, որ ես այդ բանը չեմ ըներ»։ Դաւիթ Ուրիային ըսաւ. «Այսօր ալ հոս մնացիր ու վաղը քեզ պիտի ղրկեմ»։ Ուրիա այն օրն ու հետեւեալ օրը Երուսաղէմի մէջ մնաց։ Դաւիթ հրաւիրեց զանիկա, որ անոր առջեւ կերաւ, խմեց ու Դաւիթ զանիկա գինովցուց։ Ուրիա իրիկունը իր տիրոջը ծառաներուն քով իր անկողնին մէջ պառկեցաւ, բայց իր տունը չգնաց։ Առաւօտուն Դաւիթ նամակ մը գրեց Յովաբին եւ Ուրիային ձեռքով ղրկեց։ Նամակին մէջ գրեց ու ըսաւ. «Ուրիան խիստ սաստիկ պատերազմին մէջ դրէ՛ք ու դուք ե՛տ քաշուեցէք, որպէս զի զարնուի ու մեռնի»։ Երբ Յովաբ քաղաքը պաշարեց, Ուրիան այնպիսի տեղ մը դրաւ՝ ուր զօրաւոր մարդոց գտնուիլը գիտէր։ Քաղաքին մարդիկը ելան ու Յովաբին հետ պատերազմ ըրին եւ զօրքէն, Դաւիթին ծառաներէն ինկան ու Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ։ Յովաբ պատգամաւոր մը ղրկեց ու պատերազմին բոլոր պարագաները Դաւիթին իմացուց։ Պատգամաւորին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Պատերազմին բոլոր դիպուածները թագաւորին պատմելէդ ետքը, Եթէ թագաւորին բարկութիւնը ելլէ ու քեզի ըսէ թէ ‘Ինչո՞ւ պատերազմելու համար քաղաքին մօտեցաք. չէի՞ք գիտեր թէ պարսպէն նետ կը նետեն, Յերոբաաղին որդին Աբիմելէքը ո՞վ մեռցուց. չէ՞ որ կին մը պարսպին վրայէն երկանաքարի կտոր մը նետեց անոր վրայ, որ անիկա Թեբէսի մէջ մեռաւ։ Պարսպին ինչո՞ւ մօտեցաք’, այն ատեն ըսէ՝ ‘Քու ծառադ Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ’»։ Պատգամաւորը գնաց ու Յովաբին բոլոր իրեն պատուիրածը Դաւիթին պատմեց։ Պատգամաւորը Դաւիթին ըսաւ. «Այն մարդիկը մեր վրայ ուժովցան ու մեզի դէմ դաշտը ելան. բայց մենք մինչեւ քաղաքին դուռը հալածեցինք զանոնք՝ ՝։ Աղեղնաւորները պարսպին վրայէն քու ծառաներուդ նետեր նետեցին ու թագաւորին ծառաներէն մէկ քանիները մեռան եւ քու ծառադ Քետացի Ուրիան ալ մեռաւ»։ Այն ատեն Դաւիթ պատգամաւորին ըսաւ. «Յովաբին այսպէս ըսէ. ‘Այս բանը քու աչքերուդ գէշ չերեւնայ. քանզի սուրը երբեմն ասիկա կ’ուտէ ու երբեմն՝ անիկա, քաղաքին վրայ պատերազմը սաստկացուր եւ զանիկա փլցուր’ ու դուն ալ քաջալերէ՛ զանիկա»։ Ուրիային կինը իր էրկանը մեռնիլը լսելով՝ իր էրկանը համար սուգ ըրաւ։ Երբ սուգը անցաւ, Դաւիթ մարդ ղրկեց ու զանիկա իր տունը առաւ եւ անիկա անոր կինը եղաւ ու անոր որդի մը ծնաւ։ Բայց Դաւիթին այս ըրած բանը Տէրոջը աչքերուն գէշ երեւցաւ։ Տէրը Նաթանը Դաւիթին ղրկեց։ Նաթան գնաց եւ անոր ըսաւ. «Քաղաքի մը մէջ երկու մարդ կային, մէկը՝ հարուստ ու միւսը՝ աղքատ։ Հարուստը խիստ շատ հօտեր ու արջառներ ունէր, Բայց աղքատը ուրիշ բան մը չունէր, միայն էգ գառնուկ մը, որ ծախու առեր էր ու կը սնուցանէր։ Գառնուկը անոր հետ ու անոր տղոցը հետ մէկտեղ մեծցաւ։ Անոր պատառէն կ’ուտէր ու անոր գաւաթէն կը խմէր եւ անոր ծոցը կը պառկէր ու անոր՝ աղջկան մը պէս էր։ Ճամբորդ մը եկաւ այն հարուստ մարդուն, ան ալ չուզեց իր հօտերէն ու արջառներէն առնել ու իրեն եկող ճամբորդին կերակուր պատրաստել, գնաց այն աղքատ մարդուն էգ գառնուկը առաւ ու զանիկա իրեն եկող մարդուն համար պատրաստեց»։ Այն ատեն Դաւիթին բարկութիւնը այն մարդուն դէմ սաստիկ բորբոքեցաւ ու Նաթանին ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ այդ բանը ընող մարդը մեռնելու արժանի է։ Այն գառնուկին չորեքպատիկը պէտք է հատուցանէ, քանզի այս բանը ըրաւ ու գութ չունեցաւ»։ Այն ատեն Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Այդ մարդը դո՛ւն ես։ Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ Իսրայէլի վրայ ե՛ս թագաւոր օծեցի ու քեզ Սաւուղին ձեռքէն ե՛ս ազատեցի Եւ տիրոջդ տունը քեզի ու տիրոջդ կիները քու ծոցդ տուի եւ Իսրայէլի ու Յուդայի տունը քեզի տուի ու եթէ քիչ կ’երեւնար, քեզի ասոնցմէ աւելի բաներ կու տայի՝ ՝։ Ինչո՞ւ համար Տէրոջը խօսքը անարգեցիր անոր աչքերուն առջեւ չարութիւն ընելով եւ Ուրիային կինը քեզի կին առիր ու զանիկա Ամմոնի որդիներուն սրովը սպաննեցիր։ Հիմա զիս անարգելուդ համար ու Քետացի Ուրիային կինը քեզի կին առնելուդ համար, քու տունէդ սուրը յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ։ Եւ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու տունէդ քեզի դէմ չարիք մը պիտի հանեմ ու քու աչքերուդ առջեւ քու կիներդ պիտի առնեմ եւ զանոնք քու դրացիիդ պիտի տամ ու անիկա այս արեգակին առջեւ քու կիներուդ հետ պիտի պառկի։ Թէեւ դուն ծածկաբար ըրիր, բայց ես այս բանը բոլոր Իսրայէլին առջեւ ու արեգակին առջեւ պիտի ընեմ’»։ Դաւիթ Նաթանին ըսաւ. «Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի»։ Եւ Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Տէրն ալ քու մեղքդ ներեց, պիտի չմեռնիս Եւ որովհետեւ այս բանով Տէրոջը թշնամիներուն հայհոյութիւն ընելու առիթ տուիր, անոր համար այս քեզի ծնած տղան անշուշտ պիտի մեռնի»։ Նաթան իր տունը գնաց։ Տէրը զարկաւ այն մանուկը, որ Ուրիային կինը Դաւիթին ծներ էր ու սաստիկ հիւանդացաւ։ Դաւիթ մանուկին համար Աստուծոյ աղաչեց ու ծոմ պահեց ու գնաց բոլոր գիշերը գետնին վրայ պառկեցաւ։ Անոր տանը ծերերը անոր քով գացին՝ ՝, որպէս զի զանիկա գետնէն վերցնեն. բայց անիկա չուզեց ու անոնց հետ հաց չկերաւ։ Եօթներորդ օրը մանուկը մեռաւ։ Դաւիթին ծառաները մանուկին մեռնիլը անոր իմացնել վախցան, քանզի ըսին. «Ահա քանի որ մանուկը ողջ էր՝ անոր ըսինք ու անիկա մեր խօսքին մտիկ չըրաւ. ի՞նչպէս անոր ըսենք թէ՝ ‘Մանուկը մեռաւ’, որ գէշ բան մը ընէ»։ Բայց Դաւիթ իր ծառաներուն շշնջիւնը տեսնելով՝ իմացաւ որ մանուկը մեռեր է ու Դաւիթ իր ծառաներուն ըսաւ. «Մանուկը մեռա՞ւ»։ Անոնք ըսին. «Մեռաւ»։ Այն ատեն Դաւիթ գետնէն ելաւ, լուացուեցաւ, օծուեցաւ, հանդերձները փոխեց ու Տէրոջը տունը մտնելով՝ երկրպագութիւն ըրաւ։ Յետոյ իր տունը դարձաւ եւ ուզեց ու անոր առջեւ հաց դրին ու կերաւ։ Ծառաները անոր ըսին. «Այս ըրած բանդ ի՞նչ պիտի ըլլայ. քանի որ մանուկը ողջ էր, անոր համար ծոմ պահեցիր ու լացիր. իսկ մանուկը մեռածին պէս ելար հաց կերար»։ Դաւիթ ըսաւ. «Քանի որ մանուկը ողջ էր, ծոմ պահեցի ու լացի. քանզի ըսի. ‘Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած ինծի ողորմի ու մանուկը առողջանայ’։ Բայց հիմա անիկա մեռած է, ինչո՞ւ համար ծոմ պահեմ. միթէ ես կրնա՞մ զանիկա ետ դարձնել։ Ես անոր պիտի երթամ, բայց անիկա ինծի պիտի չդառնայ»։ Դաւիթ իր կինը Բերսաբէն մխիթարեց ու անոր քով մտաւ եւ անոր հետ պառկեցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Սողոմոն դրաւ։ Տէրը զանիկա սիրեց։ Նաթան մարգարէին ձեռքով պատգամ ղրկեց եւ անոր անունը Տէրոջը համար Յեդիդիա կոչեց։ Յովաբ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրաւ ու թագաւորանիստ քաղաքը առաւ։ Յովաբ Դաւիթին պատգամաւորներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ռաբբային դէմ պատերազմ ըրի ու ջուրերուն քաղաքը առի։ Հիմա մնացած ժողովուրդը հաւաքէ ու քաղաքին դէմ բանակ դիր եւ զանիկա առ. չըլլայ որ քաղաքը ես առնեմ ու անոր վրայ իմ անունս դրուի»։ Ուստի Դաւիթ բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց ու Ռաբբա գնաց եւ անոր դէմ պատերազմելով՝ զանիկա առաւ։ Անոնց թագաւորին գլխէն թագը առաւ, որ տաղանդ մը ոսկիի ծանրութիւն ունէր՝ պատուական քարերով զարդարուած ։ Անիկա Դաւիթին գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն խիստ շատ աւար առաւ։ Եւ անոր մէջ եղած ժողովուրդը հանեց ու զանոնք սղոցներու ու երկաթէ կամնասայլերու ու երկաթէ տապարներու տակ դրաւ եւ զանոնք աղիւսէ փուռէ անցուց։ Ամմոնի որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Դաւիթ բոլոր ժողովուրդով Երուսաղէմ դարձաւ։ Անկէ ետքը՝ Դաւիթին որդին Աբիսողոմ գեղեցիկ քոյր մը ունէր, որուն անունը Թամար էր։ Դաւիթին որդին Ամնոն զանիկա սիրեց։ Ամնոն իր քրոջ Թամարին սիրոյն համար հիւանդանալու չափ նեղացաւ. քանզի անիկա կոյս աղջիկ ըլլալուն համր՝ անոր բան մը ընել Ամնոնին աչքերուն դժուար կ’երեւնար։ Ամնոն Յովնադաբ անունով բարեկամ մը ունէր, որ Դաւիթին եղբօրը Սամաայի որդին էր։ Յովնադաբ խիստ խորագէտ մարդ մըն էր Եւ Ամնոնին ըսաւ. «Ո՛վ թագաւորի տղայ, դուն ինչո՞ւ համար այդպէս օրէ օր կը հալիս. պատճառը ինծի չե՞ս յայտներ»։ Ամնոն անոր ըսաւ. «Ես իմ եղբօրս Աբիսողոմին քրոջ Թամարին սիրահարած եմ»։ Յովնադաբ անոր ըսաւ. «Անկողնիդ մէջ պառկէ ու քեզ հիւանդ ձեւացուր ու երբ քու հայրդ քեզ տեսնելու գայ, անոր ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, որ իմ քոյրս Թամար ինծի գայ ու ինծի հաց կերցնէ ու իմ աչքերուս առջեւ կերակուր շինէ, որպէս զի տեսնեմ ու անոր ձեռքէն ուտեմ»։ Ամնոն պառկեցաւ ու զինք հիւանդ ձեւացուց ու երբ թագաւորը զանիկա տեսնելու եկաւ, Ամնոն թագաւորին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, իմ քոյրս Թամար թող գայ ու իմ աչքերուս առջեւ երկու բլիթ շինէ ու անոր ձեռքէն ուտեմ»։ Դաւիթ Թամարին մարդ ղրկեց տունը՝ ըսելով. «Ամնոն եղբօրդ տունը գնա ու անոր կերակուր շինէ»։ Թամար իր եղբօրը Ամնոնին տունը գնաց։ Անիկա պառկած էր։ Աղջիկը խմորը առաւ շաղեց ու անոր աչքերուն առջեւ բլիթներ շինեց ու եփեց Եւ տապակը առաւ ու անոր առջեւ պարպեց, բայց անիկա ուտել չուզեց։ Ամնոն ըսաւ. «Քովէս ամէն մարդ դուրս հանեցէք»։ Ամէն մարդ անոր քովէն դուրս ելաւ։ Ամնոն Թամարին ըսաւ. «Կերակուրը սենեակը ներս բեր, որպէս զի ձեռքէդ ուտեմ»։ Թամար շինած բլիթները առաւ ու իր եղբօրը Ամնոնին սենեակը տարաւ եւ անոր մօտեցուց, որպէս զի ուտէ։ Իսկ Ամնոն զանիկա բռնեց ու անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քոյրս, ինծի հետ պառկէ»։ Թամար ըսաւ անոր. «Ո՛չ, եղբայրս, զիս մի՛ բռնադատեր. քանզի Իսրայէլի մէջ այդպիսի բան չըլլար։ Այդ անզգամութիւնը մի՛ ըներ։ Իմ նախատինքս ո՞ւր տանիմ։ Դուն ալ Իսրայէլի մէջ անզգամներէն մէկուն պէս պիտի ըլլաս։ Հիմա կ’աղաչեմ, թագաւորին ըսէ ու անիկա զիս քեզմէ չ’արգիլեր»։ Բայց Ամնոն անոր մտիկ ընել չուզեց, հապա անկէ զօրաւոր ըլլալով՝ զանիկա բռնադատեց ու անոր հետ պառկեցաւ։ Ետքը Ամնոն զանիկա խիստ շատ ատեց, այնպէս որ ունեցած ատելութիւնը առաջուան ունեցած սէրէն աւելի մեծ էր։ Ամնոն անոր ըսաւ. «Ե՛լ գնա»։ Թամար անոր ըսաւ. « Պատճառ չկայ՝ ՝։ Զիս վռնտելուդ չարութիւնը, միւս ինծի ըրածէդ աւելի մեծ է»։ Բայց Ամնոն անոր մտիկ ընել չուզեց։ Եւ իրեն ծառայութիւն ընող մարդը կանչեց ու ըսաւ. «Ասիկա քովէս դուրս հանէ ու ետեւէն դուռը կղպէ»։ (Եւ աղջկան վրայ բազմագոյն պատմուճան մը կար. քանզի թագաւորին կոյս աղջիկները այսպիսի պատմուճան կը հագնէին։) Ու անոր ծառան զանիկա դուրս հանեց ու ետեւէն դուռը կղպեց։ Թամար մոխիր առաւ ու իր գլխուն վրայ ցանեց ու իր վրայի բազմագոյն պատմուճանը պատռեց եւ ձեռքը իր գլխուն վրայ դրաւ ու լալով գնաց։ Անոր եղբայրը Աբիսողոմ անոր ըսաւ. «Միթէ եղբայրդ Ամնոն քեզի հե՞տ եղաւ։ Հիմա, քո՛յրս, լուռ կեցիր, անիկա քու եղբայրդ է, ասիկա սիրտդ մի՛ դներ»։ Թամար իր եղբօրը Աբիսողոմին տունը անմխիթար կը նստէր։ Դաւիթ թագաւորը այս ամէն բաները ըսելով՝ խիստ բարկացաւ։ Աբիսողոմ Ամնոնին հետ աղէկ կամ գէշ խօսք մը չխօսեցաւ, քանզի Աբիսողոմ Ամնոնը կ’ատէր՝ իր քոյրը Թամարը լլկելուն համար։ Երկու տարի անցնելէն ետքը, երբ Աբիսողոմին ոչխարները Եփրեմին մօտ եղած Բաղաասօրին մէջ ասրակտուր կ’ընէին, Աբիսողոմ՝ թագաւորին բոլոր որդիները հրաւիրեց։ Եւ Աբիսողոմ՝ թագաւորին գնաց ու անոր ըսաւ. «Ահա քու ծառայիդ ոչխարները ասրակտուր կ’ընեն, շնորհք ըրէ՛, թագաւորն ու անոր ծառաները քու ծառայիդ հետ երթան»։ Թագաւորը Աբիսողոմին ըսաւ. «Ո՛չ, որդիս, ամէնքս չերթանք, որպէս զի քու վրադ ծանրութիւն չըլլանք»։ Աբիսողոմ ստիպեց. բայց Դաւիթ երթալ չուզեց ու զանիկա օրհնեց։ Աբիսողոմ ըսաւ. «Եթէ ոչ՝ գոնէ իմ եղբայրս Ամնոն մեզի հետ թող գայ»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Անիկա ինչո՞ւ քեզի հետ երթայ»։ Բայց Աբիսողոմ թագաւորը ստիպեց, մինչեւ որ Ամնոնն ու իր բոլոր որդիները անոր հետ ղրկեց։ Աբիսողոմ իր մանչերուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, երբ Ամնոնին սիրտը գինիէն զուարթանայ ու ես ձեզի Ամնոնը զարկէ՛ք՝ ըսեմ, զանիկա մեռցուցէ՛ք. մի՛ վախնաք. չէ՞ որ ես ձեզի հրամայեցի. քաջասիրտ ու զօրաւոր կտրիճներ եղէք»։ Աբիսողոմին մանչերը Աբիսողոմին պատուիրածին պէս ըրին Ամնոնին։ Թագաւորին բոլոր որդիները ոտքի ելան եւ ամէն մէկը իր ջորին հեծնելով՝ փախան։ Անոնք դեռ ճամբան ըլլալով, Դաւիթին լուր տարին ու ըսին. «Աբիսողոմ՝ թագաւորին բոլոր որդիները մեռցուց ու անոնցմէ մէկը չմնաց»։ Թագաւորը ոտքի ելաւ, իր հանդերձները պատռեց ու գետինը պառկեցաւ ու անոր բոլոր ծառաները հանդերձնին պատռած անոր բոլորտիքը կայնեցան։ Դաւիթին եղբօր Սամաայի որդին Յովնադաբ ըսաւ. «Իմ տէրս թող չկարծէ թէ բոլոր երիտասարդները՝ թագաւորին որդիները՝ մեռցուցին, քանզի միայն Ամնոն մեռած է. վասն զի այս բանը Աբիսողոմին բերնովը որոշուած էր՝ անոր քոյրը Թամարը լլկած օրէն ի վեր։ Ու հիմա իմ թագաւոր տիրոջս սիրտը չվշտանայ, կարծելով թէ թագաւորին բոլոր որդիները մեռան, քանզի միայն Ամնոն մեռած է»։ Աբիսողոմ փախաւ։ Երբ Դաւիթին պատանին՝ դէտը՝ աչքերը վերցուց նայեցաւ, տեսաւ որ իր ետեւէն լերանը քովէն խիստ շատ ժողովուրդ կու գար։ Այն ատեն Յովնադաբ թագաւորին ըսաւ. «Ահա թագաւորին որդիները կու գան. ծառայիդ խօսքը շիտակ ելաւ»։ Անիկա իր խօսքը լմնցուցածին պէս՝ ահա թագաւորին որդիները եկան ու ձայներնին վերցուցին ու լացին։ Թագաւորն ալ ու անոր բոլոր ծառաները խիստ մեծ լացով մը լացին։ Իսկ Աբիսողոմ փախաւ ու Գեսուրի թագաւորին, Ամիուդի որդիին Թոլմիին գնաց. բայց Դաւիթ ամէն օր իր որդիին համար սուգ կ’ընէր։ Աբիսողոմ փախաւ ու Գեսուր գնաց ու հոն երեք տարի մնաց։ Դաւիթ թագաւորը Աբիսողոմը տեսնել կը փափաքէր, քանզի Ամմոնին համար մխիթարուեր էր։ Շարուհեայի որդին Յովաբ իմացաւ, որ թագաւորին սիրտը Աբիսողոմին վրայ է։ Յովաբ Թեկուէ մարդ ղրկեց եւ անկէ խելացի կին մը բերել տուաւ ու անոր ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, քեզ սգաւոր ձեւացուր, սուգի հանդերձներ հագիր, իւղով մի՛ օծուիր ու մեռելի մը համար շատոնցմէ սուգ բռնող կնոջ մը պէս եղիր Եւ թագաւորին մտիր ու անոր այս կերպով խօսէ»։ Յովաբ անոր բերանը խօսքեր դրաւ։ Այն Թեկուացի կինը թագաւորին մտաւ խօսելու համար՝ ՝ ու երեսի վրայ գետինը իյնալով անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, օգնէ՛ ինծի »։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Կինը ըսաւ. «Ո՜հ, ես որբեւարի կին մըն եմ ու իմ այրս մեռած է։ Քու աղախինդ երկու որդի ունէր։ Երկուքը դաշտի մէջ իրարու հետ ծեծկուեցան։ Անոնց քով հաշտեցնող մը չըլլալուն համար՝ մէկը միւսը զարկաւ ու մեռցուց։ Ահա բոլոր ազգատոհմը քու աղախինիդ դէմ ոտքի ելան ու ըսին. ‘Իր եղբայրը մեռցնողը տուր, որպէս զի զանիկա մեռցնենք իր մեռցուցած եղբօրը կեանքին համար ու ժառանգն ալ կորսնցնենք’։ Ինծի մնացած կայծը պիտի մարեն, երկրի վրայ էրկանս անունն ու մնացորդը չպահելով»։ Թագաւորը կնոջը ըսաւ. «Տունդ գնա ու ես քեզի համար կը պատուիրեմ»։ Թեկուացի կինը թագաւորին ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, մեղքը իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ ըլլայ, բայց թագաւորն ու անոր աթոռը անպարտ ըլլայ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Եթէ քեզի բան մը ըսող ըլլայ, զանիկա ինծի բեր ու անգամ մըն ալ քեզի չի դպչիր»։ Անիկա ըսաւ. «Թագաւորը շնորհք ընէ, իր Տէր Աստուածը յիշէ ու չթողու որ արեան վրէժխնդիրները շատնան ապականելու, որ իմ որդիս մեռցնեն»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ քու որդիիդ գլխէն մազ մը գետինը պիտի չիյնայ»։ Այն ատեն կինը ըսաւ. «Թող քու աղախինդ իմ տիրոջս, թագաւորին, խօսք մը ըսէ»։ Ու անիկա՝ «Խօսիր», ըսաւ։ Կինը ըսաւ. «Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ ինչո՞ւ համար այդպիսի բան կը մտածես. որովհետեւ թագաւորը որչափ ատեն որ իր աքսորածը ետ չդարձնէ, այս խօսքերը խօսելով յանցաւորի պէս կ’ըլլայ։ Քանզի մենք անշուշտ պիտի մեռնինք ու գետինը թափուած ջուրին կը նմանինք, որ մէյ մըն ալ մէկտեղ չի հաւաքուիր։ Աստուած մարդու մը հոգին չառներ, հապա միջոցներ կը հնարէ, որպէս զի աքսորուածը իրմէ աքսորուած չմնայ։ Հիմա ես անոր համար իմ թագաւոր տիրոջս այս խօսքը ըսելու եկայ, քանզի ժողովուրդը զիս վախցուց ու քու աղախինդ ըսաւ. ‘Հիմա թագաւորին հետ խօսիմ, թերեւս թագաւորը իր աղախինին խօսքը կատարէ. Որովհետեւ թագաւորը մտիկ ընելով՝ իր աղախինը պիտի ազատէ այն մարդուն ձեռքէն, որ զիս ու իմ որդիս մէկտեղ Աստուծոյ ժառանգութենէն ջնջել կ’ուզէ ’։ Եւ աղախինդ ըսաւ. ‘Իմ թագաւոր տիրոջս խօսքը մխիթարութիւն պիտի ըլլայ’. քանզի իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է ու բարին ու չարը կը հասկնայ եւ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ ըլլայ’»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու կնոջը ըսաւ. «Քեզի հարցնելու բանս ինծմէ մի՛ պահեր»։ Կինը ըսաւ. «Իմ թագաւոր տէրս թող հարցնէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Արդեօք այս ամէն բանին մէջ Յովաբին ձեռքը քեզի հե՞տ է»։ Կինը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քու անձդ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տիրոջս ըսած բոլոր խօսքերէն բնաւ մէկը աջ դին կամ ձախ դին չի կրնար խոտորիլ. քանզի քու ծառադ Յովաբն է ինծի պատուիրողը ու այս բոլոր խօսքերը քու աղախինիդ բերանը դնողը անիկա է. Այս խօսքին ձեւը դարձնելու համար՝ քու ծառադ Յովաբ այս բանը ըրաւ ու իմ տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս իմաստուն է՝ բոլոր երկրի վրայ եղած բաները գիտնալու»։ Թագաւորը Յովաբին ըսաւ. «Ահա հիմա այս բանը ըրի. գնա՛ Աբիսողոմ պատանին ետ դարձուր»։ Այն ատեն Յովաբ երեսին վրայ գետինը ինկաւ եւ անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու օրհնեց թագաւորը եւ ըսաւ. «Քու ծառադ այսօր գիտցաւ թէ քու աչքերուդ առջեւ շնորհք գտայ, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քանզի թագաւորը իր ծառային խօսքը կատարեց»։ Ու Յովաբ ելաւ Գեսուր գնաց ու Աբիսողոմը Երուսաղէմ բերաւ։ Եւ թագաւորը ըսաւ. «Թող իր տունը դառնայ, բայց իմ երեսս չտեսնէ»։ Աբիսողոմ իր տունը դարձաւ, բայց թագաւորին երեսը չտեսաւ։ Բոլոր Իսրայէլի մէջ Աբիսողոմին պէս գեղեցիկ ու գովելի մարդ մը չկար։ Անիկա ոտքին թաթէն մինչեւ գլխուն գագաթը արատ մը չունէր։ Երբ իր մազերը կը կտրէր, (որովհետեւ տարին անգամ մը մազերը կը կտրէր, քանզի իր վրայ ծանրութիւն կ’ըլլային,) իր գլխուն մազերը կը կշռէր ու թագաւորական կշիռքով երկու հարիւր սիկղ կու գային ։ Աբիսողոմին երեք տղայ ու Թամար անունով աղջիկ մը ծնաւ։ Անիկա տեսքով գեղեցիկ կին մըն էր։ Աբիսողոմ Երուսաղէմի մէջ լման երկու տարի նստաւ, բայց թագաւորին երեսը չտեսաւ։ Աբիսողոմ Յովաբին մարդ ղրկեց, որպէս զի զանիկա թագաւորին ղրկէ. բայց անիկա չուզեց անոր երթալ։ Նորէն երկրորդ անգամ մարդ ղրկեց, բայց անիկա երթալ չուզեց։ Այն ատեն Աբիսողոմ իր ծառաներուն ըսաւ. «Տեսէ՛ք, Յովաբին արտը իմ արտիս մօտն է։ Անիկա հոն գարի ունի։ Գացէք զանիկա կրակով այրեցէ՛ք»։ Աբիսողոմին ծառաները այն արտը կրակով այրեցին։ Յովաբ ելաւ Աբիսողոմին տունը գնաց եւ անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար քու ծառաներդ իմ արտս կրակով այրեցին»։ Աբիսողոմ Յովաբին ըսաւ. «Ահա քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի. ‘Հոս եկուր, քեզ թագաւորին ղրկեմ, որպէս զի ըսես թէ Գեսուրէն ինչո՞ւ եկայ. իմ հոն ըլլալս ինծի աղէկ էր։ Հիմա կ’ուզեմ թագաւորին երեսը տեսնել. եթէ իմ վրաս չարութիւն մը կայ, թող զիս մեռցնէ՛»։ Յովաբ թագաւորին գնաց ու այս բանը անոր իմացուց։ Թագաւորը Աբիսողոմը կանչեց ու ան թագաւորին քով գնաց, թագաւորին առջեւ երեսի վրայ ինկաւ ու մինչեւ գետինը խոնարհութիւն ըրաւ։ Թագաւորը Աբիսողոմը համբուրեց։ Անկէ ետքը Աբիսողոմ իրեն համար կառքեր, ձիեր ու իր առջեւէն վազող յիսուն սուրհանդակ մարդ պատրաստեց։ Աբիսողոմ կանուխ կ’ելլէր ու դրանը ճամբուն մէկ կողմը կը կայնէր, ամէն դատ ունեցող ու դատաստանի համար թագաւորին եկող ամէն մարդ կը կանչէր ու կ’ըսէր. «Դուն ո՞ր քաղաքէն ես»։ Երբ անիկա ‘Ծառադ Իսրայէլի ցեղերէն եմ’, ըսէր, Աբիսողոմ անոր կ’ըսէր. «Նայէ՛, քու դատդ բանաւոր եւ ուղիղ է, բայց թագաւորին կողմէ քեզի մտիկ ընող չկայ»։ Աբիսողոմ կ’ըսէր. «Երանի՜ թէ զիս այս երկրին վրայ դատաւոր դնէին ու ամէն վէճ կամ դատ ունեցող մարդ ինծի գար եւ անոր իրաւունք ընէի»։ Երբ մարդ մը մօտենար անոր խոնարհութիւն ընելու, անիկա ձեռքը կ’երկնցնէր, զանիկա կը բռնէր ու կը համբուրէր։ Աբիսողոմ դատաստանի համար թագաւորին եկող բոլոր Իսրայէլին այսպէս ընելով, Իսրայէլի մարդոց սիրտը իրեն դարձուց՝ ՝։ Քառասուն տարին լմննալէն ետքը Աբիսողոմ ըսաւ թագաւորին. «Շնորհք ըրէ, երթամ ու Տէրոջը ըրած ուխտս Քեբրոնի մէջ կատարեմ։ Քանզի ծառադ երբ Ասորիներուն Գեսուրը կը բնակէի, ուխտ ըրի ու ըսի. ‘Եթէ Տէրը զիս Երուսաղէմ դարձնէ, Տէրոջը ծառայութիւն ընեմ’»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ»։ Անիկա ելաւ Քեբրոն գնաց։ Աբիսողոմ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն լրտեսներ ղրկեց ու ըսաւ. «Փողին ձայնը լսելնուդ պէս՝ ‘Աբիսողոմ Քեբրոնի մէջ թագաւոր եղաւ’, ըսէք»։ Աբիսողոմին հետ Երուսաղէմէն երկու հարիւր մարդ գնաց՝ հրաւիրուած։ Անոնք միամտութեամբ գացին ու ամենեւին բան մը չէին գիտեր։ Աբիսողոմ զոհ ըրած ատենը՝ Դաւիթին խորհրդակիցը, Գեղոնացի Աքիտոփէլը, իր Գեղոն քաղաքէն կանչել տուաւ։ Դաւաճանութիւնը զօրացաւ ու ժողովուրդը երթալով կը շատնար Աբիսողոմին քով։ Դաւիթին լրաբեր մը եկաւ ու ըսաւ. «Իսրայէլի մարդոց սիրտը Աբիսողոմին հետ մէկ՝ ՝ եղաւ»։ Այն ատեն Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ իրեն հետ եղող բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ելէք փախչինք, քանզի Աբիսողոմին երեսէն մեզի ազատում չկայ։ Շուտ ըրէ՛ք, գացէ՛ք, չըլլայ որ անիկա շուտով մեզի հասնի ու մեր վրայ չարիք հասցնէ ու քաղաքը սուրի բերնէ անցընէ»։ Թագաւորին ծառաները թագաւորին ըսին. «Մեր տէր թագաւորը ինչ որ արժան համարէ, ահա իր ծառաները պատրաստ են ընելու »։ Թագաւորը եւ անոր ետեւէն անոր բոլոր տունը գնաց։ Թագաւորը իր հարճերէն տասը կին թողուց, որպէս զի տանը մէջ պահպանութիւն ընեն։ Թագաւորը ու անոր ետեւէն բոլոր ժողովուրդը գնաց։ Անոնք հեռու տեղ մը կայնեցան։ Անոր բոլոր ծառաներն ու բոլոր Քերեթիները եւ բոլոր Փելեթիները անոր քովէն անցան։ Անոր հետ Գէթէն եկած բոլոր Գեթացիները, վեց հարիւր մարդ, թագաւորին առջեւէն անցան։ Թագաւորը Գեթացի Եթթիին ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար դուն ալ մեզի հետ պիտի երթաս. դարձիր ու թագաւորին հետ նստէ, քանզի դուն օտարական ես ու եղած տեղդ պանդուխտ ես։ Դուն երէկ եկար ու այսօր ես քեզ տեղէդ խախտե՞մ, որպէս զի ինծի հետ երթաս։ Ահա ես կ’երթամ ուր որ պիտի երթամ, դուն դարձիր ու քու եղբայրներդ ալ դարձուր. ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը քեզի հետ ըլլան»։ Եթթի՝ թագաւորին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու իմ թագաւոր տէրս ալ կենդանի է, որ իմ թագաւոր տէրս ո՛ւր որ ըլլայ, թէ՛ մահուան մէջ եւ թէ՛ կենդանութեան մէջ, քու ծառադ ալ հոն պիտի ըլլայ»։ Դաւիթ Եթթիին ըսաւ. « Ուրեմն եկուր անցիր»։ Գեթացի Եթթի իրեն հետ եղող բոլոր մարդոցմով ու բոլոր ընտանիքներով անցաւ։ Բոլոր երկիրը մեծ ձայնով կու լար ու բոլոր ժողովուրդը կ’անցնէր։ Թագաւորը Կեդրոն հեղեղատէն կ’անցնէր ու բոլոր ժողովուրդը դէպի անապատին ճամբան կ’անցնէին։ Ահա Սադովկ ալ ու անոր հետ բոլոր Ղեւտացիները Աստուծոյ տապանակը կայնեցուցին, մինչեւ որ բոլոր ժողովուրդը քաղաքէն ելաւ լմնցաւ։ Աբիաթար զոհ կը մատուցանէր՝ ՝։ Թագաւորը Սադովկին ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը քաղաքը դարձո՛ւր. եթէ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտնեմ, այն ատեն զիս ետ պիտի դարձնէ, զանիկա ու անոր բնակարանը ինծի պիտի ցուցնէ, Բայց եթէ ինծի այսպէս ըսէ՝ ‘Քեզի չեմ հաւնիր’, ահա ես կայներ եմ. իր աչքին հաճոյ երեւցածին պէս թող ընէ ինծի»։ Թագաւորը Սադովկ քահանային ըսաւ. «Դուն տեսանող չե՞ս. խաղաղութեամբ քաղաքը դարձիր ու քու որդիդ Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, ձեր երկու որդիները, ձեզի հետ։ Ահա ես անապատին դաշտերուն մէջ պիտի սպասեմ, մինչեւ որ ձեզմէ լուր մը առնեմ»։ Սադովկ ու Աբիաթար Աստուծոյ տապանակը Երուսաղէմ դարձուցին ու հոն մնացին։ Դաւիթ Ձիթենեաց լեռնէն վեր կ’ելլէր ու կու լար։ Գլուխը ծածկեր էր ու բոկոտն կը քալէր։ Անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդն ալ, ամէնքը իրենց գլուխը ծածկեր էին ու լալով կ’ելլէին։ Դաւիթին պատմեցին ու ըսին. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմին հետ դաւաճանութիւն ընողներուն մէջ է»։ Դաւիթ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, Աքիտոփէլին խորհուրդը խափանէ»։ Երբ Դաւիթ այն բլուրը հասաւ, ուր Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրաւ, Արաքացի Քուսի՝ հանդերձները պատռած ու գլխուն վրայ հող դրած զանիկա դիմաւորեց։ Դաւիթ անոր ըսաւ. «Եթէ ինծի հետ գաս, ինծի բեռ կ’ըլլաս. Բայց եթէ քաղաքը դառնաս ու Աբիսողոմին ըսես՝ ‘Ո՛վ թագաւոր, ես քու ծառադ պիտի ըլլամ. առաջ քու հօրդ ծառան էի ու հիմա քու ծառադ եմ’, այն ատեն Աքիտոփէլին խորհուրդը կրնաս ցրուել։ Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները հոն քեզի հետ են ու թագաւորին տունէն ինչ որ լսես, Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն կրնաս պատմել։ Ահա հոն անոնց երկու որդիները, Սադովկի որդին Աքիմաաս ու Աբիաթարի որդին Յովնաթան, իրենց հետ են։ Ամէն լսած խօսքերնիդ անոնց միջոցով ինծի կրնաք իմացնել»։ Դաւիթին բարեկամը Քուսի քաղաքը մտաւ ու Աբիսողոմ ալ Երուսաղէմ մտաւ։ Երբ Դաւիթ լերանը գլուխէն քիչ մը անցեր էր, ահա Մեմփիբոսթէին ծառան Սիբա զանիկա դիմաւորեց, իրեն հետ երկու էշ ունենալով, որոնց վրայ երկու հարիւր հաց, հարիւր ողկոյզ չամիչ ու հարիւր ամառնային պտուղ՝ ՝ ու տիկ մը գինի բեռցուցած էր։ Թագաւորը Սիբային ըսաւ. «Ասոնք ի՞նչ պիտի ընես՝ ՝»։ Սիբա ըսաւ. «Էշերը թագաւորին տանը համար են, որպէս զի անոնց վրայ հեծնեն. հացն ու ամառնային պտուղները մանչերուն համար են, որպէս զի ուտեն ու գինին անապատին մէջ նուաղածներուն համար է, որպէս զի խմեն»։ Թագաւորը ըսաւ. «Հապա քու տիրոջդ որդի՞ն ուր է»։ Սիբա թագաւորին ըսաւ. «Ահա անիկա Երուսաղէմ կը նստի, քանզի ըսաւ թէ՝ ‘Այսօր Իսրայէլի տունը իմ հօրս թագաւորութիւնը ինծի պիտի դարձնէ’»։ Այն ատեն թագաւորը Սիբային ըսաւ. «Ահա Մեմփիբոսթէին ամէն ունեցածը քեզի ըլլայ»։ Սիբան ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, շնորհակալ եմ՝ ՝, թող քու առջեւդ շնորհք գտնեմ»։ Դաւիթ թագաւորը մինչեւ Բաւուրիմ գնաց եւ ահա անկէ Սաւուղին ազգատոհմէն Գերային որդին Սեմէի անունով մարդ մը ելաւ, որ կ’անիծէր Եւ Դաւիթին ու Դաւիթ թագաւորին բոլոր ծառաներուն քար կը նետէր։ Բոլոր ժողովուրդը ու բոլոր զօրաւոր մարդիկը թագաւորին աջ կողմէն ու ձախ կողմէն կ’երթային ։ Եւ Սեմէի անոր անէծք տուած ատեն այսպէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ելի՛ր, ո՛վ արիւնահեղ մարդ, ո՛վ անօրէն մարդ Տէրը Սաւուղին տանը բոլոր արիւնը քու վրադ դարձուց, որ անոր տեղ թագաւոր եղար։ Տէրը թագաւորութիւնը քու որդիիդ Աբիսողոմին ձեռքը տուաւ։ Ահա քու չարիքդ քեզի հասաւ, քանզի դուն արիւնահեղ մարդ մըն ես»։ Շարուհեայի որդին Աբեսսա թագաւորին ըսաւ. «Այս մեռած շունը ինչո՞ւ համար իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ անէծք տայ։ Թող տուր անցնիմ ու անոր գլուխը առնեմ»։ Բայց թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, դուք ինծի հետ ի՞նչ ունիք։ Թող տուէք որ այսպէս անէծք տայ, քանզի Տէրը ըսաւ անոր. ‘Դաւիթը անիծէ’. ալ ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Ինչո՞ւ համար այդպէս ըրիր’»։ Դաւիթ Աբեսսային ու իր բոլոր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա իմ երանքէս ելլող որդիս իմ հոգիս կը փնտռէ, ո՞ւր մնաց այս Բենիամինեանը։ Թողուցէ՛ք զանիկա որ անիծէ, քանզի Տէ՛րը ըսաւ անոր. Թերեւս Տէրը իմ նեղութեանս նայի ու այսօրուան անոր տուած անէծքին տեղ ինծի բարիք հատուցանէ»։ Դաւիթ իր մարդոցը հետ ճամբան կ’երթար, իսկ Սեմէի առջեւի լերանը քովէն կ’երթար անէծք տալով, քարեր նետելով ու հող ցանելով։ Թագաւորն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը յոգնած գացին ու հոն հանգչեցան։ Աբիսողոմ ու բոլոր ժողովուրդը, Իսրայէլի մարդիկը, Երուսաղէմ մտան ու Աքիտոփէլ անոր հետ էր։ Երբ Դաւիթին բարեկամը՝ Արաքացի Քուսի՝ Աբիսողոմին քով գնաց, Քուսի ըսաւ Աբիսողոմին. «Կեցցէ՛ արքայ, կեցցէ՛ արքայ»։ Աբիսողոմ Քուսիին ըսաւ. «Բարեկամիդ վրայ ունեցած սէրդ ասիկա՞ է. ինչո՞ւ բարեկամիդ հետ չգացիր»։ Քուսի ըսաւ Աբիսողոմին. «Ո՛չ, հապա Տէրոջը ու այս ժողովուրդին եւ Իսրայէլի բոլոր մարդոց ընտրածը ո՛վ որ ըլլայ, ես անոր պիտի ըլլամ ու անոր հետ պիտի նստիմ։ Ասկէ զատ, ես որո՞ւ ծառայութիւն պիտի ընեմ, որդիին չէ՞. ինչպէս քու հօրդ առջեւ ծառայեցի, այնպէս ալ քու առջեւդ պիտի ըլլամ»։ Աբիսողոմ ըսաւ Աքիտոփէլին. «Խորհուրդ ըրէք թէ ի՛նչ ընելու ենք»։ Աքիտոփէլ ըսաւ Աբիսողոմին. «Քու հօրդ հարճերուն մտիր, որոնք անիկա տանը պահպանութիւն ընելու համար թողուց ու երբ բոլոր Իսրայէլ լսէ թէ դուն քու հօրդ ատելի եղար, այն ատեն բոլոր քեզի հետ եղողներուն ձեռքերը պիտի ուժովնան»։ Ուստի տանիքին վրայ Աբիսողոմին համար վրան կանգնեցին եւ Աբիսողոմ բոլոր Իսրայէլի աչքերուն առջեւ իր հօրը հարճերուն մտաւ։ Այն օրերը Աքիտոփէլին տուած խորհուրդը այնպէս էր, ինչպէս մէկը Աստուծոյ խօսքը հարցնէր։ Աքիտոփէլին ամէն խորհուրդը թէ՛ Դաւիթին քով եւ թէ՛ Աբիսողոմին քով այնպէս էր։ Աքիտոփէլ ըսաւ Աբիսողոմին. «Հիմա տասներկու հազար մարդ ընտրեմ ու ելլեմ եւ այս գիշեր Դաւիթին ետեւէն իյնամ։ Անիկա քանի որ յոգնած ու ձեռքերը թուլցած են, անոր վրայ հասնիմ ու վախցնեմ զանիկա, որպէս զի անոր հետ եղող ժողովուրդը փախչի ու միայն թագաւորը զարնեմ։ Այսպէս բոլոր ժողովուրդը քեզի պիտի դարձնեմ. քանզի քու փնտռած մարդդ ձեռքդ անցնելով ՝ ամէնքն ալ ձեռքդ անցած կը սեպուի ու բոլոր ժողովուրդը խաղաղութեան մէջ կ’ըլլայ»։ Այս խօսքը Աբիսողոմին աչքին ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն աչքին հաճոյ երեւցաւ։ Աբիսողոմ ըսաւ. «Հիմա Արաքացի Քուսին ալ կանչեցէք, որպէս զի անոր խորհուրդն ալ՝ ՝ լսենք»։ Երբ Քուսի Աբիսողոմին քով եկաւ, Աբիսողոմ անոր հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աքիտոփէլ այսպիսի բան մը ըսաւ. արդեօք անոր խօսքը ընե՞նք՝ թէ ոչ, դուն խօսէ՝ ՝»։ Քուսի Աբիսողոմին ըսաւ. «Աքիտոփէլին տուած խորհուրդը այս անգամ աղէկ չէ»։ Եւ Քուսի ըսաւ. «Դուն գիտես թէ քու հայրդ ու անոր մարդիկը զօրաւոր են ու սրտերնին այրած է՝ դաշտի մէջ ձագերը կորսնցուցած արջու պէս։ Քու հայրդ պատերազմող մարդ մըն էու գիշերը ժողովուրդին հետ չի կենար։ Հիմա անիկա կա՛մ փոսի մը մէջ կա՛մ ուրիշ տեղ մը պահուած է։ Եթէ առաջին անգամ ասոնցմէ իյնալու ըլլան, ամէն լսողը պիտի ըսէ թէ Աբիսողոմին ետեւէն գացող ժողովուրդը կոտորուեր է։ Այն ատեն առիւծի պէս սիրտ ունեցող զօրաւոր մարդը անգամ բոլորովին պիտի թուլնայ. քանզի բոլոր Իսրայէլ գիտէ թէ քու հայրդ զօրաւոր է ու անոր հետ եղողները ուժի տէր մարդիկ են։ Այս պատճառով ես քեզի խորհուրդ կու տամ որ բոլոր Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, ծովեզերքը եղող աւազին պէս բազմութեամբ քու քովդ հաւաքուին։ Դուն ալ անձամբ անոնց հետ պատերազմի գնա։ Այսպէս անոր վրայ երթանք, անիկա ո՛ւր տեղ որ գտնուի, անոր վրայ հասնինք, ինչպէս ցօղը գետնի վրայ կ’իջնէ եւ անկէ ու անոր հետ եղող բոլոր մարդոցմէն մէ՛կը ողջ չթողունք։ Եթէ քաղաքի մը մէջ գոցուի, բոլոր Իսրայէլ չուաններ թող առնէ այն քաղաքը ու զանիկա մինչեւ հեղեղատը քաշենք, այնպէս որ հոն պզտիկ քար մը անգամ չմնայ»։ Աբիսողոմ ու բոլոր Իսրայէլի մարդիկը ըսին. «Արաքացի Քուսիին խորհուրդը Աքիտոփէլին խորհուրդէն աղէկ է»։ Քանզի Տէրը Աքիտոփէլին աղէկ խորհուրդը ցրուելու հրաման տուեր էր, որպէս զի Տէրը Աբիսողոմին վրայ չարիք հասցնէ։ Քուսին Սադովկ եւ Աբիաթար քահանաներուն ըսաւ. «Աքիտոփէլ Աբիսողոմին ու Իսրայէլի ծերերուն այս ինչ խորհուրդը տուաւ, ես ալ այս ինչ խորհուրդը տուի։ Հիմա շուտով մարդ ղրկեցէք ու Դաւիթին իմացուցէք ու ըսէք. ‘Գիշերը անապատին դաշտերուն մէջ մի՛ կենար, հապա շուտով անցիր. չըլլայ որ թագաւորն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը յանկարծ զարնուին’»։ Յովնաթան ու Աքիմաաս Ռովգելին աղբիւրին քով կայներ էին, քանզի չէին կրնար քաղաքը մտնել ու երեւնալ։ Աղախինը գնաց ու անոնց պատմեց, անոնք ալ գացին ու Դաւիթ թագաւորին իմացուցին։ Եւ պատանի մը տեսաւ զանոնք ու Աբիսողոմին պատմեց. բայց Յովնաթան եւ Աքիմաաս մէկտեղ շուտով գացին ու Բաւուրիմ մարդու մը տունը մտան։ Անիկա իր գաւիթին մէջ ջրհոր մը ունէր։ Անոնք հոն իջան։ Կինը ծածկոց մը առաւ, ջրհորին բերնին վրայ փռեց ու անոր վրայ ձաւար տարածեց ու բանը չհասկցուեցաւ։ Աբիսողոմին ծառաները կնոջ տունը մտան ու ըսին. «Աքիմաասն ու Յովնաթանը ո՞ւր են»։ Կինը անոնց ըսաւ. « Ջուրին անդիի կողմը անցան»։ Անոնք փնտռեցին ու չգտնելով Երուսաղէմ դարձան։ Անոնց երթալէն ետքը ջրհորէն ելան ու գացին Դաւիթ թագաւորին իմացուցին եւ ըսին. «Ելէ՛ք ու շուտով ջուրէն անցէ՛ք, քանզի Աքիտոփէլ ձեզի համար այսպիսի խորհուրդ մը տուաւ»։ Դաւիթ ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը ելան ու Յորդանանէն անցան ու մինչեւ առաւօտեան լոյսը Յորդանանէն չանցած մարդ չմնաց։ Աքիտոփէլ, երբ տեսաւ թէ իր խորհուրդը չկատարուեցաւ, իր իշուն համետը դրաւ ու ելաւ իր քաղաքը ու իր տունը գնաց եւ իր տանը համար կարգադրութիւններ ըրաւ ու ինքզինք խեղդեց ու մեռաւ եւ իր հօրը գերեզմանը թաղուեցաւ։ Դաւիթ Մանայիմ հասաւ։ Աբիսողոմ ալ բոլոր Իսրայէլի մարդոցը հետ Յորդանանէն անցաւ։ Աբիսողոմ Յովաբին տեղը Ամեսային դրաւ զօրքին վրայ։ Ամեսայի Յեթեր անունով Իսրայելացիի մը որդին էր։ Անիկա Յովաբին մօրը Շարուհեայի քոյրը, Նաասի աղջիկը Աբիգիան առեր էր։ Իսրայէլ Աբիսողոմին հետ Գաղաադի երկիրը բանակեցաւ։ Երբ Դաւիթ Մանայիմ գնաց, Ամմոնի որդիներուն Ռաբբայէն Նաասի որդին Սոբի ու Լադաբարէ Ամիէլի որդին Մաքիր եւ Ռովգելիմէ Գաղադացի Բերզելի՝ Անկողիններ, կոնքեր, հողէ ամաններ, ցորեն, գարի, ալիւր ու բոհրած ցորեն ու բակլայ եւ ոսպ ու բոհրած սիսեռ Ու մեղր եւ կոգի ու ոչխարներ եւ կովու պանիր բերին Դաւիթին ու անոր հետ եղող ժողովուրդին, որպէս զի ուտեն. քանզի ըսին. ‘Ժողովուրդը անապատին մէջ անօթի, յոգնած ու ծարաւցած է’։ Դաւիթ իրեն հետ եղող զօրքը համրեց։ Անոնց վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ։ Դաւիթ զօրքին մէկ երրորդը՝ Յովաբին ձեռքը, մէկ երրորդը՝ Յովաբին եղբօր Շարուհեան Աբեսսային ձեռքը ու մէկ երրորդը Գեթացի Եթթիին ձեռքը յանձնեց՝ ՝։ Թագաւորը ժողովուրդին ըսաւ. «Անպատճառ ես ալ ձեզի հետ պիտի ելլեմ»։ Բայց ժողովուրդը ըսաւ. «Մի՛ ելլեր, քանզի եթէ մենք փախչելու ըլլանք, անոնք մեզի համար հոգ չեն ըներ ու թէեւ մեր կէսը մեռնի, անոնք բանի մը տեղ չեն դներ. բայց դուն մեր տասը հազարին չափ ես ու հիմա աղէկը այն է, որ դուն մեզի քաղաքէն օգնութիւն ղրկես»։ Եւ թագաւորը անոնց ըսաւ. «Ձեր աչքերուն հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ»։ Թագաւորը դրանը քով կայնեցաւ եւ բոլոր զօրքը հարիւրներով ու հազարներով կ’ելլէին։ Ու թագաւորը Յովաբին եւ Աբեսսային ու Եթթիին պատուիրելով՝ ըսաւ. «Իմ սիրոյս համար Աբիսողոմ պատանիին խնայեցէք»։ Երբ թագաւորը Աբիսողոմին համար բոլոր զօրավարներուն պատուիրեց, բոլոր զօրքերը լսեցին։ Զօրքը դաշտը ելաւ Իսրայէլի դէմ դնելու համար։ Պատերազմը Եփրեմի անտառին մէջ եղաւ։ Հոն Իսրայէլի զօրքերը Դաւիթին ծառաներուն առջեւ յաղթուեցան ու այն օրը մեծ կոտորած եղաւ ու քսան հազար մարդ ինկաւ ։ Պատերազմը բոլոր երկրին վրայ տարածուեցաւ ու այն օրը անտառը սուրին ջարդածէն աւելի ժողովուրդ ջարդեց։ Աբիսողոմ Դաւիթին ծառաներուն հանդիպեցաւ։ Աբիսողոմ ջորիի վրայ հեծեր էր։ Ջորին մեծ բեւեկնիի մը թաւ ոստերուն տակ մտաւ։ Անոր գլուխը բեւեկնիէն բռնուեցաւ ու երկնքի ու երկրի մէջ կախուած մնաց։ Ջորին տակէն անցաւ գնաց ։ Մարդ մը զանիկա տեսնելով՝ Յովաբին պատմեց ու ըսաւ. «Ահա Աբիսողոմը բեւեկնիէ մը կախուած տեսայ»։ Յովաբ իրեն լուր բերող մարդուն ըսաւ. «Քանի որ զանիկա տեսար, ինչո՞ւ համար զանիկա հոն գետինը չզարկիր։ Այն ատեն քեզի տասը սիկղ արծաթ ու գօտի մը կու տայի»։ Այն մարդը Յովաբին ըսաւ. «Եթէ իմ ափս հազար սիկղ կշիռքով արծաթ ալ դրուէր, թագաւորին որդիին ձեռքս չէի երկնցներ, քանզի մենք լսեցինք՝ երբ թագաւորը քեզի ու Աբեսսային ու Եթթիին պատուիրեց՝ ըսելով. ‘ Ամէն մէկդ՝ ՝ Աբիսողոմ պատանիին հոգ տարէք’»։ Եթէ թագաւորին պատուէրին մտիկ չընէի եւ անոր կեանքին վնասէի, իմ կեանքս վտանգի մէջ պիտի դնէի. քանզի բնաւ բան մը թագաւորէն գաղտուկ չի մնար ու դուն ալ ինծի դէմ պիտի կենայիր»։ Յովաբ ըսաւ. «Ես քու առջեւդ պարապ ժամանակ չեմ ուզեր անցնել»։ Իր ձեռքը երեք գեղարդ առաւ ու անոնցմով Աբիսողոմին սիրտը խոցեց, երբ անիկա տակաւին բեւեկնիին վրայ ողջ էր։ Յովաբին զինակիրներէն տասը պատանիներ, չորս կողմը պաշարելով՝ Աբիսողոմը զարկին ու զանիկա մեռցուցին։ Յովաբ փող հնչեցուց ու զօրքը Իսրայէլը հալածելէն ետ դարձաւ, քանզի Յովաբ զօրքը զսպեց։ Աբիսողոմը առին եւ զանիկա անտառին մէջ մեծ փոսի մը մէջ նետեցին ու անոր վրայ խիստ մեծ քարակոյտ մը դիզեցին։ Բոլոր Իսրայէլ փախաւ, ամէն մէկը իր վրանը։ Աբիսողոմ իր կենդանութեան ատեն արձան մը առեր էր ու զանիկա իրեն համար թագաւորին հովիտին մէջ կանգնեցուցեր էր, ըսելով թէ՝ ‘Որդի չունիմ որ իմ անուանս յիշատակը պահէ’. ուստի այն արձանը իր անունովը կոչեր էր։ Անիկա մինչեւ այսօր ‘Աբիսողոմին արձանը’ կը կոչուի։ Սադովկի որդին Աքիմաաս ըսաւ. «Հիմա վազեմ ու թագաւորին աւետիս տանիմ, քանի որ Տէրը անոր իրաւունք ըրաւ ու զանիկա իր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց »։ Յովաբ անոր ըսաւ. «Դուն այսօր աւետիս տանելու մարդ չես. դուն ուրիշ օր մը աւետիս տար, բայց այսօր աւետիս մի՛ տանիր, քանզի թագաւորին որդին մեռաւ»։ Յովաբ Քուսիին ըսաւ. «Գնա՛, տեսածդ թագաւորին պատմէ»։ Քուսի Յովաբին խոնարհութիւն ըրաւ եւ վազելով գնաց։ Սադովկի որդին Աքիմաաս նորէն Յովաբին ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլայ, հրաման տուր որ ես ալ Քուսիին ետեւէն վազեմ»։ Յովաբ ըսաւ. «Ինչո՞ւ վազես, որդի՛ս, որովհետեւ աւետիս մը չունիս տանելու»։ Անիկա ըսաւ. «Ինչ որ ալ ըլլայ, վազեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Վազէ՛»։ Աքիմաաս դաշտին ճամբովը վազեց Քուսիէն անցաւ։ Դաւիթ երկու դռներուն մէջ կը նստէր ու դէտը դրանը տանիքին վրայ դէպի պարիսպը գնաց եւ աչքերը վերցնելով տեսաւ, որ ահա մարդ մը մինակ կը վազէր։ Այն ատեն դէտը բարձր ձայնով թագաւորին իմացուց ու թագաւորը ըսաւ. «Եթէ մինակ է, անոր բերանը աւետիս կայ»։ Անիկա կու գար ու կը մօտենար։ Դէտը ուրիշ վազող մարդ մըն ալ տեսաւ։ Դէտը դռնապանին բարձր ձայնով ըսաւ. «Ահա ուրիշ մարդ մըն ալ մինակ կը վազէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Ան ալ աւետաբեր է»։ Դէտը ըսաւ. «Առաջինին ընթացքը Սադովկի որդիին Աքիմաասին ընթացքին պէս կ’երեւնայ ինծի»։ Թագաւորը ըսաւ. «Անիկա բարի մարդ է ու բարի աւետիսով կու գայ»։ Աքիմաաս պոռալով ըսաւ թագաւորին. «Ողջո՜յն» ու երեսի վրայ գետինը իյնալով ՝ խոնարհութիւն ըրաւ թագաւորին ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ քու Տէր Աստուածդ, որ իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ դէմ ձեռք վերցնողները քու ձեռքդ մատնեց»։ Թագաւորը ըսաւ. «Աբիսողոմ պատանին ո՞ղջ է»։ Աքիմաաս ըսաւ. «Երբ Յովաբ՝ թագաւորին ծառան ու զիս քու ծառադ՝ ղրկեց, մեծ խումբ մը տեսայ, բայց ի՛նչ ըլլալը չիմացայ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Դարձի՛ր ու հոս կայնէ՛»։ Անիկա դարձաւ ու կայնեցաւ։ Եւ ահա Քուսին եկաւ ու Քուսին ըսաւ. «Իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ աւետիս կու տամ, որ բոլոր քու վրադ ելլողներուն ձեռքէն Տէրը այսօր քեզ ազատեց ու քեզի իրաւունք ըրաւ»։ Թագաւորը Քուսիին ըսաւ. «Աբիսողոմ պատանին ո՞ղջ է»։ Այն ատեն Քուսին ըսաւ. «Իմ տիրոջս՝ թագաւորին թշնամիները ու չարութեան համար բոլոր քու վրադ ելլողները այն պատանիին պէս ըլլան»։ Եւ թագաւորը խռովեցաւ ու դրան վերնատունը ելաւ ու լացաւ եւ քալելով այսպէս կ’ըսէր. «Որդեա՛կ իմ Աբիսողոմ, երանի՜ թէ քու տեղդ ես մեռնէի. Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ»։ Յովաբին պատմուեցաւ թէ՝ «Ահա թագաւորը Աբիսողոմին համար կու լայ ու սուգ կ’ընէ»։ Այն օրը յաղթութիւնը սուգի դարձաւ բոլոր զօրքին առջեւ, քանզի զօրքը լսեց թէ «Թագաւորը իր զաւկին համար կը սգայ»։ Այն օրը զօրքը գողի պէս քաղաքը կը մտնէր, պատերազմէն փախած ու ամչցած զօրքի պէս։ Թագաւորը իր երեսը ծածկեց ու մեծ ձայնով մը կը կանչէր. «Որդեա՜կ իմ Աբիսողոմ, Աբիսողո՜մ որդեակ իմ, որդեա՜կ իմ»։ Յովաբ ներս մտաւ թագաւորին քով ու ըսաւ. «Այսօր քու կեանքդ ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ կեանքը եւ քու կիներուդ ու հարճերուդ կեանքը ազատող բոլոր ծառաներուդ երեսը ամօթով ըրիր, Քանզի քեզ ատողները կը սիրես ու քեզ սիրողները կ’ատես. վասն զի այսօր յայտնեցիր թէ քու իշխաններդ ու ծառաներդ բանի մը տեղ չես դներ եւ այսօր աղէկ հասկցայ թէ՝ եթէ այսօր Աբիսողոմ ողջ մնար ու մենք ամէնքս մեռնէինք, այն ատեն քու աչքերուդ հաճոյ պիտի երեւնար։ Հիմա ոտքի ելի՛ր ու դո՛ւրս եկուր ու քու ծառաներուդ հետ քաղցրութեամբ խօսէ, քանզի Տէրոջմով երդում կ’ընեմ որ, եթէ դուն դուրս չելլես, այս գիշեր քովդ մարդ մը պիտի չմնայ ու ասիկա քեզի՝ քու տղայութենէդ մինչեւ հիմա գլուխդ եկած ամէն ձախորդութիւններէն աւելի գէշ պիտի ըլլայ»։ Թագաւորը ելաւ ու դուռը նստաւ։ Այն ատեն բոլոր զօրքին պատմեցին ու ըսին. «Ահա թագաւորը դուռը նստեր է»։ Բոլոր զօրքը թագաւորին առջեւ եկաւ, բայց Իսրայէլի մարդիկը իրենց վրանները փախեր էին։ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն մէջ ժողովուրդը կը վիճէին ու կ’ըսէին. «Մեր թշնամիներուն ձեռքէն մեզ փրկողը թագաւորն է ու Փղշտացիներուն ձեռքէն մեզ ազատողը անիկա է եւ հիմա Աբիսողոմին պատճառով այս երկրէն փախաւ։ Աբիսողոմը, որ մեր վրայ թագաւոր օծեցինք, պատերազմի մէջ մեռաւ եւ հիմա դուք թագաւորը ետ դարձնելու մասին ինչո՞ւ բան մը չէք խորհիր»։ Դաւիթ թագաւորը Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներուն մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Յուդայի ծերերուն հետ խօսեցէք ու ըսէք. ‘Թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք. քանզի բոլոր Իսրայէլի խօսքը թագաւորին հասաւ՝ մինչեւ անոր տունը։ Դուք իմ եղբայրներս, ոսկորս ու մարմինս էք ու թագաւորը իր տունը դարձնելու ինչո՞ւ ետ կը մնաք’։ Եւ Ամեսայիին ըսէք. ‘Դուն իմ ոսկորս ու մարմինս չե՞ս. Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ Յովաբին տեղ միշտ իմ առջեւս զօրագլուխ չըլլաս’»։ Եւ Յուդայի բոլոր մարդոց սիրտը մէկ մարդու սրտի պէս իրեն դարձուց եւ անոնք թագաւորին պատգամաւորներ ղրկեցին՝ ըսելով. «Դարձի՛ր, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու բոլոր ծառաներդ»։ Այն ատեն թագաւորը դարձաւ ու մինչեւ Յորդանան եկաւ։ Յուդան ալ մինչեւ Գաղգաղա եկաւ, որպէս զի թագաւորը դիմաւորէ ու թագաւորը Յորդանանէն անցընէ։ Ու Գերայի որդին Բաւուրիմացի Բենիամինեան Սեմէին արտորալով՝ Յուդայի մարդոցը հետ Դաւիթ թագաւորը դիմաւորելու իջաւ։ Անոր հետ Բենիամինէն հազար մարդ կար ու Սաւուղին տանը ծառան Սիբա իր տասնըհինգ որդիներովը եւ քսան ծառաներովը եկաւ ու թագաւորին առջեւ Յորդանան հասան՝ ՝։ Թագաւորին տունը անցընելու համար ու անոր աչքերուն հաճոյ երեւցածը ընելու համար նաւակ մը անցաւ։ Երբ թագաւորը Յորդանանէն անցաւ, Գերայի որդին Սեմէի՝ թագաւորին առջեւ ինկաւ Եւ թագաւորին ըսաւ. «Իմ տէրս ինծի յանցանք թող չսեպէ ու իմ թագաւոր տիրոջս Երուսաղէմէն ելած օրը ծառայիդ ըրած անօրէնութիւնը թող չյիշէ ու թագաւորը զանիկա իր սրտին մէջ թող չպահէ։ Քանզի քու ծառադ գիտցաւ թէ մեղք գործեց։ Ահա այսօր Յովսէփին բոլոր տունէն ամենէն առաջ ես եկայ որպէս զի իմ թագաւոր տէրս դիմաւորեմ»։ Ու Շարուհեայի որդին Աբեսսան պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ուրեմն Սեմէին ասոր համար պիտի չմեռնի՞, որ Տէրոջը օծեալը անիծեց»։ Բայց Դաւիթ ըսաւ. «Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք, ո՛վ Շարուհեայի որդիներ, որ այսօր, ինծի թշնամութիւն կ’ընէք։ Միթէ այսօր Իսրայէլէն ոեւէ մարդ պէ՞տք է մեռնի, որովհետեւ գիտեմ թէ ես այսօր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եմ» Եւ թագաւորը Սեմէին ըսաւ. «Պիտի չմեռնիս» ու թագաւորը անոր երդում ըրաւ։ Սաւուղի որդին՝ Մեմփիբոսթէն՝ թագաւորը դիմաւորելու եկաւ։ Անիկա թագաւորին գացած օրէն մինչեւ անոր խաղաղութեամբ եկած օրը՝ ոտքերը չէր դարմաներ ու մօրուքը չէր շտկեր եւ լաթերը չէր լուացեր։ Երբ թագաւորը դիմաւորելու համար Երուսաղէմ եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Մեմփիբոսթէ, ինչո՞ւ ինծի հետ չգացիր»։ Անիկա ըսաւ. «Ով տէ՛ր իմ թագաւոր, իմ ծառաս զիս խաբեց. քանզի ես՝ քու ծառադ ըսի. ‘Էշը պատրաստեմ, որպէս զի վրան հեծնեմ ու թագաւորին հետ երթամ. վասն զի ծառադ կաղ է’։ Բայց անիկա զիս՝ քու ծառադ՝ իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ բամբասեց. բայց իմ թագաւոր տէրս Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս է, ուստի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ։ Թէպէտեւ իմ հօրս բոլոր տունը իմ թագաւոր տիրոջս առջեւ միայն մեռնելու մարդիկ էին, բայց դուն քու ծառադ քու սեղանդ կերակուր ուտողներուն կարգը դրիր, ուստի ա՛լ ասկէ յետոյ ի՞նչ իրաւունք ունիմ թագաւորին բողոքելու»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ալ ինչո՞ւ քու բաներուդ վրայ կը խօսիս։ Ես ըսի, որ դուն ու Սիբա արտերը ձեր մէջ բաժնէք»։ Մեմփիբոսթէն ըսաւ թագաւորին. «Թող անիկա ամէնն ալ առնէ, որովհետեւ իմ թագաւոր տէրս խաղաղութեամբ իր տունը եկաւ»։ Գաղաադացի Բերզելի Ռովգելիմէն իջաւ ու թագաւորին հետ Յորդանանէն անցաւ, որպէս զի զանիկա Յորդանանէն ճամբեցնէ։ Բերզելի խիստ ծեր էր, ութսուն տարեկան ըլլալով եւ որչափ ժամանակ որ թագաւորը Մանայիմի մէջ կեցաւ, ինք զանիկա կերակրեց, քանզի խիստ մեծ մարդ մըն էր։ Թագաւորը Բերզելիին ըսաւ. «Ինծի հետ անցիր եւ քեզ իմ քովս Երուսաղէմի մէջ կերակրեմ»։ Ու Բերզելի թագաւորին ըսաւ. «Տակաւին քանի՞ տարի պիտի ապրիմ, որ թագաւորին հետ Երուսաղէմ երթամ. Ես այսօր ութսուն տարեկան եմ. միթէ աղէկն ու գէշը կրնա՞մ որոշել, միթէ ծառադ իր կերածին ու խմածին համը կրնա՞յ առնել։ Ասկէ ետքը խաղ կանչող մարդերուն կամ կիներուն ձայնը կրնա՞մ լսել. ուստի քու ծառադ իմ թագաւոր տիրոջս ինչո՞ւ համար բեռ ըլլայ։ Քու ծառադ թագաւորին հետ Յորդանանէն անցնելուն համար թագաւորը ինչո՞ւ ինծի ատոր փոխարէնը հատուցանէ։ Արտօնէ որ դառնամ իմ քաղաքիս մէջ՝ իմ հօրս ու մօրս գերեզմանին քով մեռնիմ։ Թող քու ծառադ Քամաամ իմ տիրոջս՝ թագաւորին հետ անցնի ու քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ըրէ անոր»։ Թագաւորը ըսաւ. «Թող Քամաամ ինծի հետ անցնի ու ես քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը պիտի ընեմ անոր։ Ինծմէ ինչ որ խնդրես՝ քեզի պիտի ընեմ»։ Բոլոր ժողովուրդը Յորդանանէն անցաւ։ Թագաւորն ալ անցաւ։ Թագաւորը Բերզելին համբուրեց ու զանիկա օրհնեց։ Ան ալ իր տեղը դարձաւ։ Թագաւորը Գաղգաղա անցաւ ու Քամաամ անոր հետ անցաւ։ Այսպէս Յուդայի բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի ալ կէս ժողովուրդը թագաւորը անցուցին։ Եւ ահա բոլոր Իսրայէլի մարդիկը թագաւորին եկան ու թագաւորին ըսին. «Ինչո՞ւ համար մեր եղբայրները, Յուդայի մարդիկը, քեզ գողցան ու թագաւորն ու անոր տունը ու անոր հետ Դաւիթի բոլոր մարդիկը Յորդանանէն անցուցին»։ Յուդայի բոլոր մարդիկը Իսրայէլի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին. «Քանզի թագաւորը մեզի մօտ ազգական է։ Այս բանին համար ինչո՞ւ այսպէս կը նեղանաք. միթէ թագաւորէն բան մը կերա՞նք կամ թէ անիկա մեզի պարգեւ մը տուա՞ւ»։ Իսրայէլի մարդիկը Յուդայի մարդոցը պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք թագաւորին քով տասը բաժին ունինք ու նաեւ Դաւիթին վրայ ձեզմէ աւելի իրաւունք ունինք։ Ինչո՞ւ համար մեզ անարգեցիք ու մեր թագաւորը ետ դարձնելու համար առաջ մեզմէ խորհուրդ չհարցուցիք՝ ՝»։ Բայց Յուդայի մարդոց խօսքը Իսրայէլի մարդոց խօսքէն աւելի խիստ էր։ Հոն Բենիամինի ցեղէն Բոքորեան Սաբէէ անունով անօրէն մարդ մը գտնուեցաւ։ Անիկա փող հնչեցուց ու ըսաւ. «Մենք Դաւիթին քով բաժին ու Յեսսէին որդիին քով ժառանգութիւն չունինք. ո՛վ Իսրայէլ, ամէն մարդ իր վրանը թող դառնայ »։ Ուստի Իսրայէլի բոլոր մարդիկը Դաւիթէն զատուեցան ու Բոքորեան Սաբէէին ետեւէն գացին, բայց Յուդայի մարդիկը Յորդանանէն մինչեւ Երուսաղէմ իրենց թագաւորին հետեւեցան։ Դաւիթ Երուսաղէմ իր տունը գնաց։ Թագաւորը իր տանը պահպանութեանը համար թողուցած տասը հարճերը առաւ ու զանոնք տանը մը մէջ պահել տուաւ եւ զանոնք կը կերակրէր, բայց անոնց չմօտեցաւ։ Անոնք մինչեւ իրենց մեռնելու օրը պահուած մնացին ու որբեւարիի պէս ապրեցան։ Թագաւորը Ամեսայիին ըսաւ. « Մինչեւ երեք օր Յուդայի մարդիկը ինծի կանչէ ու դուն ալ հոս ներկայ եղիր»։ Ուստի Ամեսայի Յուդան կանչելու գնաց, բայց որոշուած ատենէն աւելի ուշացաւ։ Այն ատեն Դաւիթ Աբեսսային ըսաւ. «Հիմա Բոքորեան Սաբէէն Աբիսողոմէն աւելի չարութիւն պիտի ընէ մեզի. ուրեմն դուն քու տիրոջդ ծառաները քեզի հետ ա՛ռ ու անոր ետեւէն գնա, չըլլայ որ իրեն պարսպապատ քաղաքներ գտնէ ու մեր աչքէն անյայտ ըլլայ»։ Այսպէս Յովաբին մարդիկը ու Քերեթիները ու Փելեթիները եւ բոլոր զօրաւորները անոր ետեւէն ելան ու Բոքորեան Սաբէէն հալածելու համար Երուսաղէմէն գացին։ Երբ անոնք Գաբաւոնի մէջ եղող մեծ քարին քով հասան, Ամեսային անոնց դէմ ելաւ։ Յովաբ իր հագած հանդերձները գօտեւորած էր ու անոր վրայէն ուրիշ գօտիով՝ մէջքը սուր մը կապած էր պատեանովը մէկտեղ։ Երբ անիկա կ’երթար՝ սուրը պատեանէն ինկաւ։ Յովաբ Ամեսայիին ըսաւ. «Եղբայրս, ողջ առո՞ղջ ես»։ Յովաբ Ամեսային համբուրելու համար աջ ձեռքովը անոր մօրուքէն բռնեց։ Ամեսային Յովաբին ձեռքը եղած սուրէն չզգուշացաւ։ Յովաբ սնակուշտէն զարկաւ զանիկա եւ անոր աղիքները գետինը թափեց։ Անոր երկու անգամ չզարկաւ ու անիկա մեռաւ։ Յովաբ ու իր եղբայրը Աբեսսա Բոքորեան Սաբէէին ետեւէն գացին։ Այն ատեն Յովաբին պատանիներէն մէկը անոր քով կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ որ Յովաբը կը սիրէ ու ո՛վ որ Դաւիթին կողմէն է, Յովաբին ետեւէն թող երթայ »։ Ամեսային՝ ճամբուն վրայ՝ իր արիւնին մէջ կը թաւալէր։ Այն մարդը, երբ տեսաւ որ բոլոր զօրքը կայնեցաւ, Ամեսային ճամբուն վրայէն վերցուց ու արտի մը մէջ ձգեց եւ զայն լաթով մը ծածկեց. քանզի տեսաւ, որ ամէն անոր քով եկողը կանգ կ’առնէ։ Զանիկա ճամբուն վրայէն վերցուցածին պէս՝ ամէն մարդ Յովաբին ետեւէն գնաց Բոքորեան Սաբէէն հալածելու համար։ (Բայց անիկա Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն մինչեւ Աբէլ ու Բեթմաաքա անցեր էր բոլոր Բերացիներուն հետ, որոնք անոր քով հաւաքուելով՝ անոր ետեւէն գացեր էին։) Անոնք հասան ու Բեթմաաքայի Աբէլի մէջ՝ զանիկա պաշարեցին ու քաղաքին առջեւ հողաբլուր մը շինեցին, որ պարսպին մօտ կանգնուեցաւ եւ Յովաբին հետ եղող բոլոր զօրքը պարիսպը փլցնելու կ’աշխատէին։ Իմաստուն կին մը քաղաքէն կանչեց. «Լսեցէ՛ք, լսեցէ՛ք. շնորհք ըրէ՛ք, Յովաբին ըսէք. ‘Հոս մօտեցիր, որպէս զի քեզի հետ խօսիմ’»։ Յովաբ անոր մօտեցաւ ու կինը ըսաւ. «Յովաբը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Կինը անոր ըսաւ. «Քու աղախինիդ խօսքերուն մտիկ ըրէ»։ Անիկա ըսաւ. « Ահա մտիկ կ’ընեմ»։ Կինը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Հին ատենը սովորաբար կ’ըսէին՝ ‘Թող Աբէլին երթան հարցնեն՝ ՝ ու այնպէս լմնցնեն’։ Ես Իսրայէլի մէջ խաղաղարար ու հաւատարիմ քաղաք մըն եմ, բայց դուն կը ջանաս աւերել այնպիսի քաղաք մը, որ Իսրայէլի մէջ մայրաքաղաք մըն է՝ ՝. Տէրոջը ժառանգութիւնը ինչո՞ւ բնաջինջ կ’ընես»։ Յովաբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քա՜ւ լիցի, քա՜ւ լիցի, որ ես բնաջինջ ընեմ կամ աւերեմ. Բանը այդպէս չէ. հապա Եփրեմի լեռնէն Բոքորեան Սաբէէ անունով մարդ մը իր ձեռքը Դաւիթ թագաւորին դէմ վերցուց, միայն զանիկա տուէք ու այս քաղաքէն երթամ»։ Կինը Յովաբին ըսաւ. «Ահա անոր գլուխը պարսպին վրայէն քեզի պիտի նետուի»։ Ու կինը բոլոր ժողավորդին գնաց, իր իմաստութեամբ խօսեցաւ եւ Բոքորեան Սաբէէին գլուխը կտրեցին ու Յովաբին նետեցին։ Այն ատեն անիկա փող հնչեցուց ու ամէն մարդ այն քաղաքէն իր վրանը քաշուեցաւ։ Յովաբ ալ Երուսաղէմ թագաւորին դարձաւ։ Եւ Յովաբ Իսրայէլի զօրքերուն վրայ էր ու Յովիադայի որդին Բանիա Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր։ Ադորամ հարկերուն վրայ ու Աքիղուդի որդին Յովսափատ յիշատակներու դպիր էր Եւ Սուսա ատենադպիր էր ու Սադովկ ու Աբիաթար քահանաներ էին։ Եւ Յայիրացի Իրաս ալ Դաւիթի նախարարն էր։ Դաւիթին օրերը իրարու ետեւէ երեք տարի սով եղաւ։ Դաւիթ Տէրոջը հարցուց։ Տէրը ըսաւ. «Ասիկա Սաւուղին ու անոր արիւնահեղ տանը համար է, քանզի անիկա Գաբաւոնացիները մեռցուց»։ Թագաւորը Գաբաւոնացիները կանչեց ու անոնց խօսեցաւ (Գաբաւոնացիները Իսրայէլի որդիներէն չէին, այլ Ամօրհացիներու մնացորդէն էին ու Իսրայէլի որդիները անոնց երդում ըրեր էին. բայց Սաւուղ Իսրայէլի ու Յուդայի որդիներուն դէմ բարկացած ըլլալուն համար՝ զանոնք զարնել ուզեր էր։) Եւ Դաւիթ Գաբաւոնացիներուն ըսաւ. «Ձեզի ի՞նչ ընեմ ու ինչո՞վ քաւութիւն ընեմ, որպէս զի Տէրոջը ժառանգութիւնը օրհնէք»։ Գաբաւոնացիները անոր ըսին. «Սաւուղէն ու անոր տունէն արծաթ կամ ոսկի չենք ուզեր ու Իսրայէլէն մարդ մը մեռցնել չենք ուզեր»։ Դաւիթ ըսաւ. «Դուք ինչ որ ըսէք՝ ձեզի պիտի ընեմ»։ Անոնք թագաւորին ըսին. «Այն մարդը որ մեզ ջարդեց ու մեզ այնպէս կորսնցնել ուզեց, որպէս զի ամենեւին Իսրայէլի սահմաններուն մէջ չգտնուինք, Անոր որդիներէն մեզի եօթը մարդ տուէք, որպէս զի զանոնք Տէրոջը ընտրեալ Սաւուղին Գաբաային մէջ Տէրոջը համար կախենք»։ Թագաւորը «Կու տամ», ըսաւ։ Թագաւորը Սաւուղեան Յովնաթանին որդիին Մեմփիբոսթէին խնայեց, Սաւուղին որդիին՝ Յովնաթանին ու Դաւիթին մէջտեղ եղած Տէրոջը երդումին համար։ Բայց թագաւորը Այիային աղջկան Ռեսփային երկու որդիները, որոնք Սաւուղին ծներ էր, այսինքն Արմոնին ու Մեմփիբոսթէն եւ Սաւուղին աղջկան Մեղքողին հինգ որդիները, որոնք Մաուլացի Բերզելիին որդիին Եդրիէլին ծներ էր, առաւ Ու զանոնք Գաբաւոնացիներուն ձեռքը տուաւ։ Անոնք ալ զանոնք Տէրոջը առջեւ լերանը վրայ կախեցին։ Եօթն ալ մէկտեղ մեռան։ Անոնք հունձքի առաջին օրերը, գարիի հունձքին սկիզբը մեռցուեցան։ Այիային աղջիկը՝ Ռեսփան՝ քուրձ մը առաւ, զանիկա ապառաժի մը վրայ փռեց, հունձքի սկիզբէն մինչեւ անոնց վրայ երկնքէն անձրեւ գալը։ Ցորեկը՝ երկնքի թռչունները ու գիշերը անապատին գազանները չէր թողուր որ անոնց դպչին։ Սաւուղին հարճին, Այիային աղջկան Ռեսփային ըրածը Դաւիթին պատմեցին։ Դաւիթ գնաց եւ Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները առաւ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներէն, որոնք Բեթսանի հրապարակէն զանոնք գողցեր էին, վասն զի Փղշտացիները զանոնք հոն կախեր էին այն օրը, երբ Փղշտացիները Գեղբուէի վրայ Սաւուղը մեռցուցեր էին։ Սաւուղին ոսկորները ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները անկէ վերցուց ու կախուածներուն ոսկորներն ալ հաւաքեցին։ Սաւուղին ու անոր որդիին Յովնաթանին ոսկորները Բենիամինին երկիրը՝ Սելայի մէջ անոր հօրը Կիսի գերեզմանը թաղեցին ու թագաւորին բոլոր պատուիրածը ըրին։ Անկէ ետքը Աստուած երկրին համար եղած աղօթքը ընդունեց։ Փղշտացիները նորէն Իսրայէլի հետ պատերազմ ըրին։ Դաւիթ ու իր ծառաները իրեն հետ ելան ու Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրին։ Դաւիթ ուժասպառ եղաւ։ Յեսբիբենոբ, որ Ռափայի որդիներէն էր, երեք հարիւր սիկղ ծանրութեամբ պղնձէ նիզակ մը ունէր ու մէջքը նոր սուր մը կապեր էր, ուզեց որ Դաւիթը զարնէ։ Բայց Շարուհեայի որդին Աբեսսան անոր օգնութեան հասաւ ու Փղշտացին զարկաւ ու մեռցուց։ Այն ատեն Դաւիթին մարդիկը անոր երդում ըրին ու ըսին. «Ասկէ ետքը դուն մեզի հետ պատերազմի մի՛ ելլեր, որպէս զի Իսրայէլի ճրագը չմարի»։ Անկէ ետքը նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ Գովբի մէջ։ Այն ատեն Ովսացի Սովբաք Ռափայի որդիներէն Սեփիան մեռցուց։ Նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ Գովբի մէջ ու Բեթլէհէմացի Արիովրգիմի որդին Ելէանան Գեթացի Գողիաթին եղբայրը զարկաւ, որուն նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր։ Նորէն Գէթի մէջ պատերազմ եղաւ։ Երկայնահասակ մարդ մը կար, որուն ձեռքերուն մատերը ու ոտքերուն մատերը վեց վեց հատ ըլլալով՝ քսանըչորս մատ ունէր։ Անիկա ալ Ռափայի որդիներէն էր։ Անիկա Իսրայէլը նախատեց. բայց Դաւիթին եղբօրը Սամաայի որդին Յովնաթան զանիկա զարկաւ։ Այս չորսը Գէթի մէջ Ռափայէն ծներ էին եւ Դաւիթին ձեռքով ու անոր ծառաներուն ձեռքով ինկան։ Դաւիթ, այն օրը որ Տէրը զանիկա իր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ազատեց, այս երգին խօսքերը Տէրոջը խօսեցաւ Ու ըսաւ. «Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է. Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ։ Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը, Իմ աշտարակս, իմ ապաւէնս ու ազատիչս է։ Զիս անիրաւութենէն դո՛ւն կ’ազատես։ Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։ Քանզի մահուան ալիքները իմ բոլորտիքս առին Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։ Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։ Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի, Որ իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց Ու իմ աղաղակս անոր ականջներուն հասաւ ։ Այն ատեն երկիրը սասանեցաւ ու դողաց, Երկնքի հիմերը շարժեցան ու սասանեցան, Քանզի անիկա բարկացաւ։ Անոր քթէն ծուխ ելաւ Ու բերնէն՝ մաշող կրակ։ Անկէ կայծակներ բռնկեցան։ Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ Եւ անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։ Քերովբէի վրայ ելաւ ու թռաւ Եւ հովին թեւերուն վրայ երեւցաւ։ Խաւարն ու թանձր ջուրերը Ու երկնքի ամպերը իր բոլորտիքը վարագոյր քաշեց։ Անոր առջեւ եղող ճառագայթէն Կրակի կայծակներ բռնկեցան։ Տէրը երկնքէն որոտաց Ու Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ։ Նետեր ղրկեց ու զանոնք ցրուեց, Կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։ Տէրոջը յանդիմանութիւնովը Ու անոր բարկութեան հովին փչելովը Ծովուն յատակները երեւցան Ու աշխարհիս հիմերը յայտնուեցան։ Բարձրէն հասաւ ու զիս բռնեց Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։ Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս, Թէեւ ինծմէ զօրաւոր էին։ Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին. Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ։ Զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։ Տէրը իմ արդարութեանս համեմատ կը վարձատրէ զիս, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի։ Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։ Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էին Ու անոր օրէնքներէն չհեռացայ։ Անոր առջեւ կատարեալ եղայ Ու անօրէնութենէ զգուշացայ։ Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ, որ անոր աչքերուն առջեւն է։ Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս. Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս։ Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս, Ու ծուռին հետ կը ծռիս։ Վշտացած ժողովուրդը դո՛ւն կ’ազատես Ու քու աչքերդ ամբարտաւաններուն վրայ են որպէս զի զանոնք ցածցնես։ Քանզի իմ ճրագս դուն ես, ո՛վ Տէր, Ու Տէրը իմ խաւարս կը լուսաւորէ։ Վասն զի քեզմով գունդ մը կրնամ ջախջախել Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէն կ’անցնիմ։ Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է։ Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։ Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած, Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։ Աստուած իմ զօրաւոր բերդս է, Որ իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։ Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կանգնեցնէ։ Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ։ Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն՝ ՝։ Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։ Իմ քալելու ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։ Իմ թշնամիներս հալածեցի ու զանոնք ջարդեցի Ու ետ չդարձայ մինչեւ զանոնք հատցուցի։ Զանոնք հատցուցի ու գետինը զարկի, որպէս զի չկանգնին. Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։ Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր Եւ իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։ Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր՝ ՝ ՝, Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։ Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար. Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։ Այն ատեն զանոնք երկրի փոշիին պէս մանրեցի, Զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխեցի ու ճմլեցի։ Իմ ժողովուրդիս կռիւներէն զիս ազատեցիր, Ու զիս պահեցիր, որպէս զի ազգերու գլուխ ըլլամ Ու իմ չճանչցած ժողովուրդս ինծի ծառայեց։ Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին՝ ՝. Իրենց ականջներովը լսածնուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան։ Օտարները տկարացան Ու իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։ Տէրը կենդանի է ու իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ Եւ իմ փրկութեանս վէմը՝ Աստուած՝ բարձր ըլլայ։ Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ, Ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։ Իմ թշնամիներէս զիս դուրս հանելով Զիս իմ վրաս ելլողներէն աւելի բարձրացուց Ու բռնաւոր մարդէն ազատեց։ Ասոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ Ու քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։ Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը Ու իր օծեալին, Դաւիթին ու անոր սերունդին Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է»։ Դաւիթին վերջին խօսքերը ասոնք են։ Յեսսէի որդին Դաւիթ՝ Այն մարդը, որ բարձրացաւ՝ Յակոբի Աստուծոյն օծեալը՝ Ու Իսրայէլի վայելուչ երգերը շարադրողը, կ’ըսէ. «Տէրոջը Հոգին ինծմով խօսեցաւ Ու անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր։ Իսրայէլին Աստուածը ըսաւ Ու Իսրայէլին Վէմը ինծի խօսեցաւ Ըսելով. ‘Մարդոց վրայ իշխողը թող արդար ըլլայ Ու Աստուծոյ վախովը իշխէ’, Այն ատեն անիկա առաւօտեան լոյսին կը նմանի, Որ արեւուն ծագած ատենը կ’երեւնայ, Այնպիսի առաւօտի մը՝ որ առանց ամպի է Ու արեւու ճառագայթին՝ Որ անձրեւէն ետքը գետնէն կանանչ խոտ կը բուսցնէ ։ Թէեւ իմ տունս Աստուծոյ քով այսպէս չէ, Սակայն ինծի հետ յաւիտենական ուխտ մը ըրաւ, Որ ամէն բանի մէջ պատրաստ ու հաստատ է. Քանզի իմ բոլոր փրկութիւնս ու իմ բոլոր բաղձանքս այս է. Ու պիտի չծաղկեցնէ՞՝ ՝ զայն ։ Բայց բոլոր անօրէնները Դուրս նետուած փուշերու պէս պիտի ըլլան, Քանզի անոնք ձեռքով չեն բռնուիր։ Անոնց դպչող մարդը Երկաթը ու նիզակին բունը իրեն զէնք պիտի ընէ՝ ՝ Ու իրենց եղած տեղը Բոլորովին կրակի մէջ պիտի այրին»։ Դաւիթին զօրաւոր մարդոցը անունները ասոնք են. Յօսէբ-Բասեբեթ Թահքեմոնացին, որ զօրավարներուն գլխաւորն էր. անիկա է Ասօնացի Ադինօն, որ անգամ մը ութ հարիւր մարդ մէկէն մեռցուց՝ ՝։ Անկէ ետքը Աքուքացի Դովդայի որդին Եղիազարը, որ Դաւիթին հետ եղող երեք զօրաւորներէն մէկն էր, երբ անոնք պատերազմելու համար հոն հաւաքուած Փղշտացիները նախատեցին ու Իսրայէլի մարդիկը փախան։ Ասիկա ելաւ ու Փղշտացիները զարկաւ, մինչեւ որ ձեռքը յոգնեցաւ ու ձեռքը իր սուրին վրայ փակաւ։ Տէրը այն օրը մեծ փրկութիւն ըրաւ ու ժողովուրդը անոր ետեւէն դարձաւ՝ միայն կողոպուտը առնելու համար։ Անկէ ետքը Արարացի Ագէին որդին Սամման էր։ Փղշտացիները գունդ մը կազմեցին՝ ՝ ու հոն ոսպով լեցուն ագարակ մը կար։ Ժողովուրդը Փղշտացիներուն առջեւէն փախաւ։ Բայց անիկա ագարակին մէջտեղը կեցաւ, զանիկա պաշտպանեց ու Փղշտացիները զարկաւ եւ Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ։ Երեսուն զօրավարներուն երեքը իջան եւ հունձքի ատեն Ոդողոմին քարայրը՝ Դաւիթին եկան։ Փղշտացիներուն մէկ գունդը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր։ Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր։ Փղշտացիները Բեթլէհէմի մէջ բերդապահ զօրք ունէին։ Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլէհէմին դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր պիտի խմցնէ»։ Այն ատեն այս երեք զօրաւորները Փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին անցան ու Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին ու Դաւիթին բերին. բայց անիկա չուզեց անկէ խմել, հապա զանիկա թափելով՝ Տէրոջը նուիրեց Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քա՜ւ լիցի որ ես այս բանը ընեմ. իրենց կեանքը վտանգի մէջ դնելով գացող մարդոց արի՞ւնը խմեմ » ու անկէ խմել չուզեց։ Ասոնք են այն երեք զօրաւոր մարդոց ըրածները։ Շարուհեան Յովաբին եղբայրը Աբեսսա այն երեք մարդոց գլխաւորն էր։ Անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց դէմ վերցնելով՝ սպաննեց զանոնք ։ Անիկա երեքին մէջ անուանի էր։ Այն ամենէն աւելի համարում ունենալուն համար, անոնց գլուխ եղաւ. բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Մեծ գործեր գործող Կաբեսէելացի զօրաւոր մարդու մը որդիին Յովիադայի որդին Բանիա Մովաբացի Արիէլին երկու որդիները մեռցուց։ Ձիւնի ժամանակ իջաւ ու գուբին մէջ առիւծը մեռցուց։ Ասիկա տեսքով երեւելի Եգիպտացի մարդ մըն ալ մեռցուց։ Եգիպտացիին ձեռքը նիզակ մը կար, բայց Բանիա ցուպով մը անոր վրայ գնաց ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց եւ անոր նիզակովը զայն մեռցուց։ Յովիադայի որդին Բանիա այս բաները ըրաւ ու երեք զօրաւորներուն մէջ անուանի եղաւ. Երեսունէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ։ Յովաբին եղբայրը Ասայէլ երեսունէն էր. նաեւ Բեթլէհեմացի Դովդայի որդին Ելէանան, Հարօդացի Սամմա, Հարօդացի Եղիկա, Փելլատացի Քեղղէս. Թեկուացի Եկգեսի որդին Իրաս, Անաթովթացի Աբիեզեր, Ովսացի Մեբունայ Աքուքացի Սելմօն, Նետոփաթացի Մաարայ, Նետոփաթացի Բաանայի որդին Ալաբ, Բենիամինի որդիներուն Գաբաայէն՝ Ռիփայի որդին Եթթի, Փարաթոնացի Բանիա, Գաասի ձորերէն Ադդայի, Արաբաթացի Աբիելբոն, Բարումացի Ազամօթ, Սաղաբինացի Եղիաբա, Յասենի որդիներէն՝ Յովնաթան, Արարացի Սամմա, Արարացի Սարարի որդին Աքիամ, Մաքաթիի որդիին Ահասբայի որդին Եղիփաղէտ, Գեղոնացի Աքիտոփէլի որդին Եղիամ, Կարմելացի Ասարէ, Արբացի Փաարայ, Սուբացի Նաթանի որդին Իգաղ, Գադացի Բանի, Ամմոնացի Սելեկ, Շարուհեան Յովաբի կապարճակիրը Բերովթացի Նաարա, Յեթերացի Իրաս, Յեթերացի Գարեբ, Քետացի Ուրիա. ամէնքը երեսունըեօթն էին։ Տէրոջը բարկութիւնը նորէն Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու Դաւիթը անոնց դէմ գրգռեց, ըսելով. «Գնա՛, Իսրայէլն ու Յուդան համրէ՛»։ Թագաւորը իր քով եղող Յովաբ զօրապետին ըսաւ. «Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն մէջ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, պտըտէ ու ժողովուրդը համրեցէք, որպէս զի ժողովուրդին թիւը գիտնամ»։ Յովաբ ըսաւ թագաւորին. «Քու Տէր Աստուածդ, ժողովուրդը որչափ որ է, հարիւրապատիկ աւելցնէ ու իմ թագաւոր տիրոջս աչքերը տեսնեն. բայց իմ թագաւոր տէրս ինչո՞ւ համար այս բանին կը ցանկայ»։ Բայց երբ թագաւորը պարտադրեց, որ Յովաբ եւ զօրավարները իրեն հնազանդին, Յովաբ զօրավարներուն հետ թագաւորին առջեւ ելաւ, որպէս զի Իսրայէլի ժողովուրդը համրէ։ Եւ Յորդանանէն անցան ու Գադի ձորին մէջ եղող քաղաքին աջ կողմը՝ Արոէր բանակեցան։ Ետքը Յազեր Եւ Գաղաադ ու Թաքթիմադասի երկիրը գացին։ Անկէ՝ Դանեաան ու Սիդոնի շրջակաները։ Անկէ Տիւրոսի ամրոցն ու Խեւացիներուն ու Քանանացիներուն բոլոր քաղաքները գացին եւ Յուդայի հարաւային կողմը Բերսաբէէ հասան։ Բոլոր երկիրը պտըտեցան եւ ինը ամիսէն ու քսան օրէն ետքը Երուսաղէմ դարձան։ Յովաբ ժողովուրդին համրանքին ցուցակը թագաւորին տուաւ։ Իսրայէլի մէջ ութ հարիւր հազար սուր քաշող պատերազմիկ կար եւ Յուդայեանները հինգ հարիւր հազար հոգի էին։ Դաւիթ ժողովուրդը համրելէն ետքը՝ իր խղճմտանքը զինք նեղեց։ Դաւիթ Տէրոջը ըսաւ. «Այս ընելով մեծ մեղք գործեցի. ո՛վ Տէր, հիմա քու ծառայիդ այս մեղքը ներէ. քանզի մեծ յիմարութիւն ըրի»։ Երբ Դաւիթ առաւօտուն ելաւ, Տէրոջը խօսքը Դաւիթին տեանողին, Գադ մարգարէին, եղաւ՝ ըսելով. «Գնա՛ ու Դաւիթին ըսէ՛, Տէրը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի երեք բան կ’առաջարկեմ. անոնցմէ մէկը ընտրէ որ քեզի ընեմ’»։ Գադ Դաւիթին գալով՝ անոր պատմեց ու անոր ըսաւ. «Եօթը տարի քու երկրիդ վրայ սո՞վ ըլլայ, կամ երեք ամիս քու թշնամիներուդ երեսէն փախչի՞ս ու անոնք քեզ հալածեն, կամ թէ երեք օր քու երկրիդ վրայ ժանտա՞խտ ըլլայ։ Հիմա մտածէ՛ ու ըսէ՛, թէ ի՞նչ պատասխան տանիմ զիս ղրկողին»։ Դաւիթ Գադին ըսաւ. «Խիստ մեծ նեղութեան մէջ եմ. աւելի լաւ է Տէրոջը ձեռքը իյնալ, քանզի անոր գթութիւնը շատ է, քան մարդու ձեռք իյնալը»։ Տէրը այն առաւօտէն մինչեւ որոշուած ժամանակը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ ղրկեց։ Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ ժողովուրդէն եօթանասուն հազար մարդ մեռաւ։ Աստուծոյ հրեշտակը ձեռքը Երուսաղէմի վրայ երկնցուց, որպէս զի զանիկա ջնջէ։ Այս չարիքին վրայ Տէրոջը սիրտը իջաւ ու ժողովուրդը ջնջող հրեշտակին ըսաւ. «Հերի՛ք է, ալ ձեռքդ քաշէ՛»։ Տէրոջը հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնայի կալին քով էր։ Դաւիթ ժողովուրդը զարնող հրեշտակը տեսնելով՝ Տէրոջը ըսաւ. «Ահա ե՛ս մեղանչեցի ու ե՛ս անօրէնութիւն ըրի, բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին. կ’աղաչեմ, քու ձեռքդ իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ թող ըլլայ»։ Նոյն օրը Գադ Դաւիթին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, Յեբուսացի Ոռնայի կալին մէջ Տէրոջը սեղան մը կանգնեցուր»։ Դաւիթ Գադին ըսածին համեմատ վեր ելաւ, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր։ Ոռնա նայեցաւ ու երբ տեսաւ, որ թագաւորը եւ անոր ծառաները իրեն կու գան, ելաւ ու երեսը մինչեւ գետինը խոնարհութիւն ըրաւ թագաւորին։ Ոռնա ըսաւ. «Արդեօք ի՞նչ պատճառով իմ թագաւոր տէրս իր ծառային եկաւ»։ Դաւիթ ըսաւ. « Այս կալը քեզմէ ծախու առնելու ու Տէրոջը սեղան մը շինելու համար, որպէս զի ժողովուրդին վրայէն հարուածը վերնայ»։ Ոռնա ըսաւ Դաւիթին. «Իմ թագաւոր տէրս զանիկա թող առնէ ու իր աչքերուն հաճոյ երեւցածին պէս զոհ ընէ։ Ահա եզները՝ ողջակէզի համար, կամնասայլերն ու եզներուն գործիքները՝ փայտի համար գործածէ»։ Ասոնց ամէնքը Ոռնա թագաւորի մը պէս՝ ՝ թագաւորին տուաւ ու Ոռնա՝ թագաւորին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ քեզ ընդունի»։ Բայց թագաւորը Ոռնային ըսաւ. «Ո՛չ. հապա ես զանոնք քեզմէ անշուշտ ստակով ծախու պիտի առնեմ ու ձրի առածս իմ Տէր Աստուծոյս ողջակէզ պիտի չմատուցանեմ»։ Դաւիթ կալը ու եզները յիսուն սիկղ արծաթի ծախու առաւ։ Դաւիթ հոն Տէրոջը սեղան շինեց ու անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց։ Տէրը լսեց անոր աղօթքը երկրին համար ու Իսրայէլի վրայէն հարուածը վերցուեցաւ։ Դաւիթ թագաւորը ծերացած ու տարիքը առած ըլլալով, զանիկա հանդերձներով կը ծածկէին, բայց չէր տաքնար։ Ծառաները անոր ըսին. «Մեր թագաւոր տիրոջը համար կոյս աղջիկ մը փնտռենք՝ որ թագաւորին առջեւ կայնի, զանիկա դարմանէ ու անոր ծոցը պառկի, որպէս զի մեր թագաւոր տէրը տաքնայ»։ Իսրայէլի բոլոր սահմաններուն մէջ գեղեցիկ աղջիկ մը փնտռեցին եւ Սունամացի Աբիսակը գտան ու զանիկա թագաւորին բերին։ Այն աղջիկը խիստ գեղեցիկ էր ու անիկա թագաւորը կը դարմանէր ու անոր սպասաւորութիւն կ’ընէր, բայց թագաւորը զանիկա չգիտցաւ։ Այն ատեն Ագգիթի որդին Ադոնիա հպարտացաւ ու ըսաւ. «Ես թագաւոր պիտի ըլլամ»։ Իրեն համար կառքեր ու ձիաւորներ պատրաստեց եւ յիսուն մարդ, որպէս զի իր առջեւէն վազեն։ Անոր հայրը կեանքին մէջ ամենեւին յանդիմանած չէր զինք եւ ըսած չէր՝ «Ինչո՞ւ այսպէս ըրիր»։ Անիկա տեսքով խիստ գեղեցիկ էր ու անոր մայրը զանիկա Աբիսողոմէն ետքը ծներ էր։ Անիկա միաբանեցաւ Շարուհեայի որդիին Յովաբին ու Աբիաթար քահանային հետ, որոնք Ադոնիային հետեւելով՝ անոր օգնութիւն կ’ընէին։ Բայց Սադովկ քահանան ու Յովիադայի որդին Բանիան եւ Նաթան մարգարէն ու Սեմէի եւ Ռէի ու Դաւիթի զօրաւոր մարդիկը Ադոնիային հետ չէին։ Ադոնիա Ռովգելի աղբիւրին մօտ եղող Զոողեթի քարին քով՝ ոչխարներ, արջառներ ու գէր անասուններ մորթեց եւ իր բոլոր եղբայրները, թագաւորին որդիները ու Յուդայի բոլոր մարդիկը, թագաւորին ծառաները հրաւիրեց, Բայց Նաթան մարգարէն ու Բանիան եւ զօրաւորները ու իր Սողոմոն եղբայրը չհրաւիրեց։ Նաթան Սողոմոնին մօրը Բերսաբէին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Չլսեցի՞ր որ Ագգիթի որդին Ադոնիա թագաւոր եղաւ ու մեր տէրը Դաւիթ չիմացաւ։ Ուրեմն հիմա եկուր քեզի խրատ մը տամ, որպէս զի քու կեանքդ ու քու որդիիդ Սողոմոնին կեանքը ազատես։ Ելի՛ր, Դաւիթ թագաւորին քով գնա ու անոր ըսէ. ‘Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, դուն քու աղախինիդ երդում չըրի՞ր ու չըսի՞ր թէ ինծմէ ետքը քու որդիդ Սողոմոն թագաւոր պիտի ըլլայ եւ իմ աթոռս անիկա պիտի նստի։ Ինչո՞ւ համար Ադոնիա թագաւոր եղաւ’։ Ահա դուն թագաւորին հետ խօսած ատենդ՝ ես ալ ետեւէդ կու գամ ու խօսքերդ կը հաստատեմ»։ Բերսաբէ ներքին սենեակը մտաւ թագաւորին քով։ Թագաւորը շատ ծերացած էր ու Սունամացի Աբիսակը՝ թագաւորին սպասաւորութիւն կ’ընէր։ Բերսաբէն գլուխը ծռեց ու թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ։ Թագաւորը ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Եւ անիկա ըսաւ անոր. «Ո՛վ տէր իմ, դուն քու աղախինիդ քու Տէր Աստուծոյդ անունովը երդում ըրիր՝ ըսելով. ‘Ինծմէ ետքը քու որդիդ Սողոմոն թագաւոր պիտի ըլլայ ու իմ աթոռս ան պիտի նստի’. Եւ ահա Ադոնիա թագաւոր եղած է ու դուն չիմացար, ո՛վ տէր իմ թագաւոր։ Անիկա շատ արջառներ ու գէր անասուններ ու ոչխարներ մորթեց եւ թագաւորին բոլոր որդիներն ու Աբիաթար քահանան եւ Յովաբ զօրապետը հրաւիրեց բայց քու ծառադ Սողոմոնը չհրաւիրեց։ Հիմա, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, բոլոր Իսրայէլի աչքերը քու վրադ են, որպէս զի անոնց իմացնես թէ իմ թագաւոր տիրոջս աթոռը իրմէ ետքը ո՞վ պիտի նստի. Եթէ ոչ՝ երբ իմ թագաւոր տէրս իր հայրերուն հետ քնանայ, ես ու իմ որդիս Սողոմոն յանցաւոր պիտի սեպուինք»։ Երբ անիկա թագաւորին հետ կը խօսէր, Նաթան մարգարէն եկաւ։ Թագաւորին իմացուցին ու ըսին թէ՝ «Ահա Նաթան մարգարէն եկաւ »։ Անիկա ներս մտաւ թագաւորին առջեւ ու երեսը մինչեւ գետինը ծռելով թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ Եւ Նաթան ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, դո՞ւն ըսիր որ ‘Ինծմէ ետքը Ադոնիա թագաւոր ըլլայ ու իմ աթոռս անիկա նստի’, Քանզի անիկա այսօր իջաւ եւ շատ արջառներ ու գէր անասուններ ու ոչխարներ մորթեց եւ թագաւորին բոլոր որդիները, զօրավարներն ու Աբիաթար քահանան հրաւիրեց եւ ահա անոնք անոր առջեւ կ’ուտեն, կը խմեն ու կ’ըսէն. ‘Կեցցէ՛ արքայ Ադոնիան’։ Բայց զիս քու ծառադ ու Սադովկ քահանան եւ Յովիադային որդին Բանիան ու քու ծառադ Սողոմոնը չկանչեց։ Այս բանը արդեօք իմ թագաւոր տիրոջս ձեռքո՞վ եղաւ, բայց քու ծառայիդ չգիտցուցիր թէ քեզմէ ետքը թագաւոր տիրոջս աթոռը ո՞վ պիտի նստի»։ Դաւիթ թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Բերսաբէն ինծի կանչեցէք»։ Անիկա թագաւորին առջեւ եկաւ ու թագաւորին առջեւ կայնեցաւ։ Թագաւորը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Իմ անձս ամէն նեղութենէ ազատող Տէրը կենդանի է որ, Ինչպէս քեզի Իսրայէլի Տէր Աստուծմովը երդում ըրի ու ըսի՝ ‘Ինծմէ ետքը քու որդիդ Սողոմոն թագաւոր պիտի ըլլայ ու իմ տեղս իմ աթոռիս վրայ անիկա պիտի նստի’։ Ահա այսօր այնպէս պիտի ընեմ»։ Այն ատեն Բերսաբէ երեսը մինչեւ գետինը ծռելով թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Իմ տէրս Դաւիթ թագաւորը յաւիտեան ողջ կենայ»։ Եւ Դաւիթ թագաւորը ըսաւ. «Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն եւ Յովիադայի որդին Բանիան ինծի կանչեցէք»։ Անոնք թագաւորին առջեւ եկան։ Թագաւորը անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը ծառաները ձեզի հետ առէք ու իմ որդիս Սողոմոնը իմ ջորիիս վրայ հեծցուցէք ու զանիկա Գեհոն իջեցուցէք Եւ Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն հոն զանիկա Իսրայէլի վրայ թագաւոր թող օծեն ու փող հնչեցուցէք ու ըսէք՝ ‘Կեցցէ՛ արքայ Սողոմոնը’։ Անոր ետեւէն ելլէ՛ք ու անիկա թող գայ ու իմ աթոռս նստի եւ իմ տեղս անիկա թագաւոր ըլլայ. քանզի ես հրաման տուի, որ անիկա Իսրայէլի վրայ ու Յուդայի վրայ իշխան ըլլայ»։ Այն ատեն Յովիադայի որդին Բանիան թագաւորին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ամէ՛ն, իմ թագաւոր տիրոջս Տէր Աստուածն ալ այդպէս կ’ըսէ։ Ինչպէս Տէրը իմ թագաւոր տիրոջս հետ էր, Սողոմոնին հետ ալ ըլլայ ու անոր աթոռը իմ տիրոջս Դաւիթ թագաւորին աթոռէն աւելի մեծ ընէ»։ Այն ատեն Սադովկ քահանան, Նաթան մարգարէն ու Յովիադայի որդին Բանիան եւ Քերեթիներն ու Փելեթիները իջան ու Սողոմոնը Դաւիթ թագաւորին ջորիին վրայ հեծցուցին ու զանիկա Գեհոն տարին։ Սադովկ քահանան խորանէն իւղին եղջիւրը առաւ ու Սողոմոնը օծեց եւ փողը հնչեցուցին ու բոլոր ժողովուրդը կ’ըսէր. «Կեցցէ՛ արքայ Սողոմոնը»։ Բոլոր ժողովուրդը անոր ետեւէն կ’ելլէին ու սրինգներ հնչեցնելով մեծ ուրախութեամբ մը կ’ուրախանային, այնպէս որ անոնց ձայնէն գետինը կը դղրդար։ Ադոնիա ու անոր բոլոր հրաւիրեալները լսեցին։ Անոնք կերակուրէն ելեր էին։ Յովաբ փողին ձայնը լսելով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ է այս դղրդման ձայնը, որ քաղաքէն կ’ելլէ»։ Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ահա Աբիաթար քահանային որդին Յովնաթան եկաւ։ Ադոնիան անոր ըսաւ. «Եկո՛ւր, քանզի դուն քաջ մարդ մըն ես ու բարի աւետիս պիտի տաս»։ Եւ Յովնաթան պատասխան տուաւ Ադոնիային ու ըսաւ. «Շիտակ է, մեր տէր Դաւիթ թագաւորը՝ Սողոմոնը թագաւոր ըրաւ։ Թագաւորը Սադովկ քահանան եւ Նաթան մարգարէն ու Յովիադայի որդին Բանիան եւ Քերեթիներն ու Փելեթիները անոր հետ ղրկեց ու զանիկա թագաւորին ջորիին վրայ հեծցուցին։ Սադովկ քահանան ու Նաթան մարգարէն զանիկա Գեհոնի մէջ թագաւոր օծեցին ու անկէ ուրախութեամբ ելան ու քաղաքը դղրդեցաւ։ Ձեր լսած ձայնը այս է։ Նաեւ Սողոմոն թագաւորը թագաւորութեան աթոռին վրայ նստաւ Եւ թագաւորին ծառաներն ալ մեր տէր Դաւիթ թագաւորը օրհնելու եկան ու ըսին. ‘Քու Աստուածդ Սողոմոնին անունը քու անունէդ աւելի մեծցնէ ու անոր աթոռը քու աթոռէդ աւելի բարձրացնէ’։ Եւ թագաւորը իր անկողնին վրայ երկրպագութիւն ըրաւ։ Նաեւ թագաւորը այսպէս ըսաւ. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ այսօր իմ աթոռիս վրայ նստող մը տուաւ ու իմ աչքերս տեսան’»։ Եւ Ադոնիայի բոլոր կոչնականները զարհուրեցան ու ելան եւ ամէն մէկը իր ճամբան գնաց։ Ադոնիա Սողոմոնին երեսէն վախցաւ ու ելաւ գնաց ու սեղանին եղջիւրները բռնեց։ Սողոմոնին պատմեցին ու ըսին. «Ահա Ադոնիա Սողոմոն թագաւորէն վախցաւ եւ սեղանին եղջիւրները բռնեց ու ըսաւ՝ ‘Սողոմոն թագաւորը այսօր ինծի երդում թող ընէ, որ իր ծառան սրով պիտի չմեռցնէ’»։ Ու Սողոմոն ըսաւ. «Եթէ անիկա առաքինի ըլլայ, անոր մէկ մազը գետինը պիտի չիյնայ. բայց եթէ անոր վրայ չարութիւն գտնուի, այն ատեն պիտի մեռնի»։ Սողոմոն թագաւորը մարդ ղրկեց ու զանիկա սեղանէն իջեցուցին։ Անիկա եկաւ ու Սողոմոն թագաւորին խոնարհութիւն ըրաւ ու Սողոմոն անոր ըսաւ. «Տո՛ւնդ գնա»։ Երբ Դաւիթին մեռնելու օրերը մօտեցան, իր որդիին՝ Սողոմոնին պատուէր տուաւ՝ ըսելով. «Ահա ես ամէն երկրի ճամբան կ’երթամ, իսկ դուն ուժովցիր ու քաջասիրտ եղիր Եւ քու Տէր Աստուծոյդ պատուէրները պահէ, որպէս զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անոր կանոնները, պատուիրանքները, օրէնքներն ու վկայութիւնները պահես, ինչպէս Մովսէսին օրէնքի գրքին մէջ գրուած է. որպէս զի ինչ որ ընես եւ ուր որ երեսդ դարձնես՝ յաջողութիւն գտնես. Որպէս զի Տէրը իր խօսքը հաստատէ, որ ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Եթէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընէն ու իմ առջեւս բոլոր սրտով, բոլոր հոգիով ու ճշմարտութեամբ քալեն, Իսրայէլին աթոռին վրայէն քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։ Դուն գիտես ինչ որ Շարուհեայի որդին Յովաբ ինծի ըրաւ ու ինչ որ Իսրայէլի երկու զօրավարներուն, Ներեան Աբեններին ու Յեթերեան Ամեսայիին ըրաւ. քանզի զանոնք մեռցուց ու խաղաղութեան ատեն պատերազմի արիւն թափեց եւ իր մէջքի գօտիին ու ոտքի կօշիկներուն վրայ պատերազմի արիւն սրսկեց։ Ուրեմն դուն քու իմաստութիւնդ ի գործ դիր ու անոր ճերմակ մազերը խաղաղութեամբ գերեզմանը մի՛ իջեցներ։ Բայց Գաղաադացի Բերզելիի որդիներուն ողորմութիւն ըրէ՛ ու քու սեղանէդ ուտողներուն հետ թող ըլլան. քանզի երբ քու եղբօրդ Աբիսողոմին երեսէն փախայ, ինծի մօտեցան։ Ահա Բաւուրիմացի Բենիամինեան Գերայի որդին Սեմէին քու քովդ է։ Անիկա Մանայիմ գացած օրս ինծի ծանր անէծք տուաւ. բայց երբ անիկա զիս դիմաւորելու համար Յորդանան իջաւ, Տէրոջմով երդում ըրի անոր ու ըսի. ‘Քեզ սրով պիտի չմեռցնեմ’։ Բայց դուն զանիկա անմեղ մի՛ սեպեր, քանզի դուն խելացի մարդ ես ու անոր ինչ ընելիքդ գիտես եւ անոր ճերմակ մազերը արիւնով գերեզմանը իջեցո՛ւր»։ Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Դաւիթ Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ քառասուն տարի. եօթը տարի Քեբրոնի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ ու երեսունըերեք տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ Եւ Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին աթոռը նստաւ ու անոր թագաւորութիւնը շատ հաստատ եղաւ։ Ագգիթի որդին Ադոնիան Սողոմոնին մօրը Բերսաբէին գնաց ու Բերսաբէ անոր ըսաւ. «Արդեօք խաղաղութեա՞մբ եկար»։ Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութեամբ»։ Եւ ըսաւ. «Քեզի խօսք մը ունիմ»։ Ու Բերսաբէ ըսաւ. «Խօսէ»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն աղէկ գիտես, որ թագաւորութիւնը իմս էր ու բոլոր Իսրայէլ կ’ակնկալէր, որ ես թագաւոր ըլլամ. բայց թագաւորութիւնը դարձաւ ու իմ եղբօրս եղաւ, քանզի Տէրոջմէ եղաւ։ Հիմա ես քեզմէ բան մը կը խնդրեմ, ինծի ‘Ո՛չ’ չըսես՝ ՝»։ Բերսաբէ անոր ըսաւ. «Խօսէ՛»։ Անիկա ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, Սողոմոն թագաւորին ըսէ, (քանզի անիկա քեզ չի մերժեր,) որ Սունամացի Աբիսակը ինծի կնութեան տայ»։ Ու Բերսաբէ ըսաւ. «Աղէկ, ես քեզի համար թագաւորին կը խօսիմ»։ Բերսաբէ Սողոմոն թագաւորին գնաց, որպէս զի Ադոնիային համար անոր հետ խօսի ու թագաւորը զանիկա դիմաւորելու համար ոտքի ելաւ ու անոր խոնարհութիւն ըրաւ։ Երբ իր աթոռը նստաւ, իր մօրը համար ալ աթոռ դնել տուաւ եւ մայրը անոր աջ կողմը նստաւ Ու ըսաւ. «Ես քեզմէ պզտիկ բան մը պիտի խնդրեմ, ինծի ‘Ո՛չ’ չըսես»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Խնդրէ՛, մայր իմ, քանզի քեզի ‘Ո՛չ’ պիտի չըսեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Սունամացի Աբիսակը եղբօրդ Ադոնիայի կնութեան տուր»։ Սողոմոն թագաւորը պատասխան տուաւ ու իր մօրը ըսաւ. «Դուն ինչո՞ւ Ադոնիային համար Սունամացի Աբիսակը կը խնդրես, անոր համար թագաւորութիւնն ալ խնդրէ, (քանզի անիկա իմ մեծ եղբայրս է,) անոր ու Աբիաթար քահանային եւ Շարուհեան Յովաբին համար»։ Ու Սողոմոն թագաւորը Տէրոջմով երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, քանզի Ադոնիա այդ խօսքը իր կեանքին դէմ խօսեր է։ Հիմա զիս հաստատողը ու զիս իմ հօրս Դաւիթին աթոռը նստեցնողը եւ իր ըսածին պէս ինծի տուն շինող Տէրը կենդանի է, որ Ադոնիան այսօր պիտի մեռցուի»։ Սողոմոն թագաւորը Յովիադային որդին Բանիան ղրկեց ու զարկաւ զանիկա ու մեռցուց։ Թագաւորը Աբիաթար քահանային ըսաւ. «Անաթովթ, քու ագարակդ, գնա՛, քանզի դուն մեռնելու արժանի ես, բայց այսօր քեզ չեմ մեռցներ. որովհետեւ իմ հօրս Դաւիթին առջեւ Տէր Եհովային տապանակը վերցուցիր ու իմ հօրս ամէն քաշած նեղութիւններուն մասնակից եղար»։ Սողոմոն Աբիաթարը Տէրոջը քահանայութենէն հանեց, որպէս զի Սելովի մէջ Հեղիին տանը համար Տէրոջը ըսած խօսքը կատարուի։ Այս լուրը մինչեւ Յովաբին հասաւ. (քանզի Յովաբ թէպէտեւ Աբիսողոմին հետեւող չէր, բայց Ադոնիային հետեւեցաւ.) այն ատեն Յովաբ Տէրոջը խորանը փախաւ ու սեղանին եղջիւրները բռնեց։ Սողոմոն թագաւորին իմացուցին թէ՝ ‘Յովաբ Տէրոջը խորանը փախաւ եւ անիկա սեղանին քով է’։ Սողոմոն Յովիադայի որդին Բանիան ղրկեց ու ըսաւ. «Գնա՛, զանիկա զա՛րկ»։ Բանիան Տէրոջը խորանը Յովաբին գնաց ու անոր ըսաւ. «Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուրս ելիր’»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, ես հոս պիտի մեռնիմ»։ Բանիան թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Յովաբ այսպէս ըսաւ ու ինծի այսպէս պատասխան տուաւ»։ Եւ թագաւորը անոր ըսաւ. «Անոր ըսածին պէս ըրէ ու զանիկա մեռցուր եւ զանիկա թաղէ, որպէս զի իմ վրայէս ու իմ հօրս տանը վրայէն Յովաբին թափած անմեղ արիւնը վերցնես։ Տէրը անոր թափած արիւնը անոր գլուխը կը դարձնէ. որովհետեւ անիկա առանց իմ հօրս Դաւիթին գիտութեանը երկու՝ իրմէ արդար ու աղէկ՝ մարդոց, Իսրայէլի սպարապետին Ներեան Աբեններին ու Յուդայի սպարապետին՝ Յեթերեան Ամեսայիին վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք սրով մեռցուց։ Ուստի անոնց արիւնը Յովաբին գլուխը ու անոր սերունդին գլուխը դառնայ յաւիտեան. բայց Դաւիթին ու անոր սերունդին եւ անոր տանն ու անոր աթոռին՝ Տէրոջը կողմանէ յաւիտեան խաղաղութիւն ըլլայ»։ Եւ Յովիադայի որդին Բանիան ելաւ ու Յովաբի վրայ յարձակեցաւ ու զանիկա մեռցուց եւ անիկա անապատին մէջ իր տունը թաղուեցաւ։ Թագաւորը անոր տեղ զօրքերուն վրայ Յովիադայի որդին Բանիան դրաւ ու թագաւորը Սադովկ քահանան Աբիաթարին տեղը դրաւ։ Թագաւորը մարդ ղրկեց, Սեմէին կանչեց ու ըսաւ. «Քեզի Երուսաղէմի մէջ տուն մը շինէ ու հոն նստէ, բայց անկէ ասդին կամ անդին մի՛ ելլեր, Քանզի աղէկ գիտցիր, եթէ ելլես ու Կեդրոն հեղեղատը անցնիս, նոյն օրը անպատճառ պիտի մեռնիս ու քու արիւնդ քու գլուխդ պիտի ըլլայ»։ Սեմէի թագաւորին ըսաւ. «Այս խօսքդ բարի է. իմ թագաւոր տէրս ի՛նչպէս ըսաւ՝ քու ծառադ ա՛յնպէս պիտի ընէ»։ Ուստի Սեմէի շատ օրեր Երուսաղէմի մէջ նստաւ։ Երեք տարիէն ետքը Սեմէիին երկու ծառաները Գէթի թագաւորին Մաաքայի որդիին Անքուսին քով փախան ու Սեմէիին իմացուցին՝ ըսելով. «Ահա քու ծառաներդ Գէթի մէջ են»։ Սեմէի ելաւ ու իշուն համետը դրաւ ու իր ծառաները փնտռելու համար Գէթ գնաց Անքուսին քով։ Սեմէի գնաց ու իր ծառաները Գէթէն բերաւ։ Երբ Սեմէիին Երուսաղէմէն Գէթ երթալն ու դառնալը Սողոմոնին պատմեցին, Այն ատեն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Սեմէին կանչեց ու անոր ըսաւ. «Չէ՞ որ քեզի Տէրոջմով երդում ընել տուի եւ քեզի վկայութիւն ըրի ու ըսի թէ՝ ‘Աղէկ գիտցիր որ Երուսաղէմէն ելած ու ասդին անդին գացած օրդ անպատճառ պիտի մեռնիս’ ու դուն ինծի՝ ‘Լսած խօսքս բարի է’, ըսիր. Ուրեմն ինչո՞ւ համար Տէրոջը երդումին ու քեզի տուած պատուէրիս հնազանդութիւն չըրիր»։ Թագաւորը Սեմէիին ըսաւ. «Դուն իմ հօրս Դաւիթին դէմ քու ըրած բոլոր չարութիւնդ գիտես, որուն քու սիրտդ ալ կը վկայէ՝ ՝. ուստի Տէրը քու չարութիւնդ քու գլուխդ պիտի դարձնէ. Բայց Սողոմոն թագաւորը օրհնեալ ու Դաւիթին աթոռը Տէրոջը առջեւ յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ»։ Թագաւորը Յովիադայի որդիին Բանիային հրաման տուաւ ու անիկա ելաւ ու զարկաւ զանիկա, որ մեռաւ։ Թագաւորութիւնը Սողոմոնին ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ։ Սողոմոն Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին հետ խնամութիւն ըրաւ ու Փարաւոնին աղջիկը առաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը բերաւ, մինչեւ որ իր տունը ու Տէրոջը տունը ու Երուսաղէմի շրջակայ պարիսպը շինեց լմնցուց։ Սակայն ժողովուրդը բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր, քանզի մինչեւ այն օրերը Տէրոջը անուանը տուն շինուած չէր։ Սողոմոն Տէրը կը սիրէր ու իր հօրը Դաւիթին կանոններովը կը քալէր. միայն թէ բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։ Թագաւորը Գաբաւոն գնաց, որպէս զի հոն զոհ մատուցանէ, քանզի ամենէն բարձր տեղը անիկա էր։ Սողոմոն այն սեղանին վրայ հազար ողջակէզ զոհեց։ Գաբաւոնի մէջ Տէրը Սողոմոնին երեւցաւ գիշերուան երազով եւ ըսաւ. «Բան մը խնդրէ որ քեզի տամ»։ Սողոմոն ըսաւ. «Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին մեծ ողորմութիւն ըրիր, քանզի անիկա քու առջեւդ ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ եւ ուղիղ սրտով քալեց քեզի հանդէպ ու անոր՝ այս մեծ ու ամուր սէրը պահեցիր ու իր աթոռը նստող որդի մը տուիր անոր։ Արդ՝ ո՛վ Տէր Աստուած իմ, դուն քու ծառադ իմ հօրս Դաւիթին տեղ թագաւոր ըրիր. բայց ես պզտիկ տղայ մըն եմ, ելլելն ու մտնելը չեմ գիտեր։ Քու ծառադ քու ընտրած ժողովուրդիդ մէջ է, որ շատուոր, անթիւ ու անհամար ժողովուրդ մըն է։ Ուստի քու ծառայիդ իմաստուն սիրտ տուր, որպէս զի քու ժողովուրդդ դատէ ու բարին ու չարը որոշէ. քանզի այս քու մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել»։ Այս խօսքը, այսինքն Սողոմոնին այս բանը խնդրելը, Տէրոջը աչքերուն հաճոյ երեւցաւ։ Աստուած անոր ըսաւ. «Որովհետեւ այս բանը խնդրեցիր ու քեզի շատ օրեր չխնդրեցիր ու քեզի հարստութիւն չխնդրեցիր ու քու թշնամիներուդ հոգին չխնդրեցիր, հապա իրաւունքը իմանալու իմաստութիւն խնդրեցիր, Ահա քու խօսքիդ պէս ըրի։ Քեզի իմաստուն ու հանճարեղ սիրտ մը տուի, այնպէս որ քեզմէ առաջ քեզի պէս մէ՛կը եղած չէ ու քեզմէ ետքն ալ քու նմանդ պիտի չըլլայ։ Նաեւ քու չխնդրածդ ալ քեզի տուի՝ թէ՝ հարստութիւն եւ թէ՛ փառք, այնպէս որ քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ թագաւորներուն մէջ քեզի պէս մէ՛կը պիտի չգտնուի։ Եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես՝ իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս պահելով, ինչպէս քու հայրդ Դաւիթ քալեց, այն ատեն քու օրերդ պիտի շատցնեմ»։ Սողոմոն արթնցաւ եւ ահա երազ էր։ Երուսաղէմ գնաց ու Տէրոջը ուխտին տապանակին առջեւ կայնեցաւ եւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց ու իր բոլոր ծառաներուն կոչունք ըրաւ։ Այն ատեն երկու պոռնիկ կիներ թագաւորին եկան ու անոր առջեւ կայնեցան։ Կիներէն մէկը ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, ողորմէ՛ ինծի. ես ու այս կինը մէկ տան մէջ կը բնակինք ու նոյն տանը մէջ ասոր քով տղայ մը ծնայ։ Իմ ծնանելուս երրորդ օրը այս կինն ալ տղայ մը ծնաւ ու մենք մէկտեղ էինք։ Տանը մէջ մեզի հետ օտար մարդ չկար, հապա տանը մէջ մենք երկուքս մինակ էինք։ Այս կնոջ տղան գիշերով մեռած է, քանզի ասիկա անոր վրայ պառկած է։ Կէս գիշերին ելած է եւ քու աղախինիդ քնացած ատենը՝ իմ տղաս քովէս առած ու զանիկա իր ծոցը պառկեցուցած է ու իր մեռած տղան իմ ծոցս պառկեցուցած է։ Երբ առաւօտուն ելայ, որպէս զի տղուս ծիծ տամ, ահա անիկա մեռած էր։ Աւելի ուշադրութեամբ անոր նայեցայ, տեսայ թէ անիկա իմ ծնած տղաս չէր»։ Իսկ միւս կինը ըսաւ. «Ո՛չ, հապա ողջ եղողը իմ տղաս է ու մեռածը քու տղադ է»։ Առաջինը ըսաւ. «Ո՛չ, հապա մեռածը քու տղադ է ու ողջ եղողը իմ տղաս է»։ Թագաւորին առջեւ այսպէս կը խօսէին։ Այն ատեն թագաւորը ըսաւ. «Ասիկա կ’ըսէ՝ ‘Իմ տղաս այս ողջ եղողն է ու մեռածը քու տղադ է’ ու անիկա կ’ըսէ՝ ‘Ո՛չ, հապա մեռածը քու տղադ է ու ողջ եղողը իմ տղաս է’»։ Թագաւորը ըսաւ. «Ինծի սուր մը բերէք» ու թագաւորին առջեւ սուր մը բերին։ Եւ թագաւորը ըսաւ. «Ողջ եղող տղան կտրեցէ՛ք, երկու կտոր ըրէք ու կէսը՝ մէկուն ու կէսն ալ միւսին տուէք»։ Այն ատեն ողջ տղուն մայրը թագաւորին պատասխան տուաւ՝ իր տղուն վրայ աղիքը գալարելուն համար ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, ողորմէ՛ ինծի. ողջ տղան անոր տուէք ու զանիկա մի՛ մեռցնէք»։ Բայց միւսը ըսաւ. «Ո՛չ ինծի ըլլայ, ո՛չ՝ քեզի. զանիկա ճեղքեցէ՛ք»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ողջ տղան այս կնոջ տուէք, չըլլայ թէ զանիկա մեռցնէք, քանզի անոր մայրը ասիկա է»։ Բոլոր Իսրայէլ թագաւորին կտրած դատաստանը լսելով՝ թագաւորէն վախցան. քանզի տեսան թէ անոր վրայ Աստուծոյ իմաստութիւնը կայ դատաստան ընելու համար։ Սողոմոն թագաւորը բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր էր Ու անոր իշխանները ասոնք էին. Սադովկի որդին Ազարիան քահանայ էր. Սիսայի որդիները Ելիքորէփն ու Աքիան ատենադպիրներ էին եւ Աքիղուդի որդին Յովսափատը յիշատակաց դպիր էր։ Յովիադայի որդին Բանիան զօրքերուն վրայ էր եւ Սադովկն ու Աբիաթարը քահանաներ էին։ Նաթանի որդին Ազարիան պաշարներու գործակալներուն վրայ էր ու Նաթանի որդին Զաբիուդը նախարար ու թագաւորին բարեկամն էր։ Աքիսարը տանը հրամանատարն էր ու Աբդայի որդին Ադոնիրամը հարկերուն վրայ էր։ Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի վրայ տասներկու գործակալներ ունէր, որոնք թագաւորն ու անոր տունը կը կերակրէին։ Կերակրելը ամէն մէկուն տարին մէկ ամիս կ’իյնար։ Անոնց անունները ասոնք են՝ Եփրեմի լերան մէջ՝ Բենովրը, Մաքասի, Սաղաբինի, Բեթսամիւսի ու Ելօն-Բեթանանի մէջ՝ Բենդակարը, Արաբովթի մէջ՝ Բենհեսեդը, որուն կը վերաբերէր Սոքով ու բոլոր Ոփերի երկիրը, Բոլոր Դովրի գաւառին մէջ՝ Բենաբինադաբը։ Սողոմոնին աղջիկը՝ Տափաթ՝ ասոր կինն էր. Թանաքի ու Մակեդդովի մէջ ու Յեզրայէլի տակ՝ Սարթանի քով եղող բոլոր Բեթսանի մէջ ու Բեթսանէ մինչեւ Աբէլմաուլա ու մինչեւ Յեկմամի անդիի կողմը՝ Աքիղուդի որդին Բաանան, Ռամովթ-Գաղաադի մէջ՝ Բենգաբերը. Գաղաադի մէջ եղող Մանասեան Յայիրի գիւղաքաղաքները ու Բասանի մէջ եղող Արգովբի նահանգը՝ վաթսուն մեծ պարսպապատ ու պղնձանիգ քաղաքներ անոր կը վերաբերէին ։ Մանայիմի մէջ՝ Ադդովի որդին Աքինադաղը, Նեփթաղիմի մէջ՝ Աքիմաասը, ասիկա ալ Սողոմոնին աղջիկը Բասեմաթը կին առաւ։ Ասերի ու Բաալօթի մէջ՝ Քուսիին որդին Բաանան, Իսաքարի մէջ՝ Փարուային որդին Յովսափատը, Բենիամինի մէջ՝ Էլային որդին Սեմէին, Գաղաադի երկիրն ու Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորին ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը՝ Ուրիին որդին Գաբերն ու այն երկրին մէջ միայն մէկ գործակալ կար։ Յուդա ու Իսրայէլ շատուորութեան կողմանէ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին։ Սողոմոն Եփրատ գետէն մինչեւ Փղշտացիներուն երկիրը ու մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը՝ բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ կ’իշխէր եւ անոր ընծաներ կը բերէին ու Սողոմոնին ծառայութիւն կ’ընէին՝ անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։ Սողոմոնին մէկ օրուան ռոճիկն էր՝ երեսուն քոռ նաշիհ ու վաթսուն քոռ ալիւր, Տասը գէր արջառ ու քսան արօտական արջառ ու հարիւր ոչխար, բացի եղջերուներէն, այծեամներէն, վիթերէն ու գիրցուած թռչուններէն։ Քանզի անիկա Գետին ասդիի կողմի՝ Թափսայէն մինչեւ Գազա՝ Գետին ասդիի կողմը եղող բոլոր թագաւորներուն վրայ կ’իշխէր ու իր բոլորտիքը եղողներուն հետ խաղաղութեամբ կ’ապրէր։ Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ՝ Յուդա ու Իսրայէլ, Դանէն մինչեւ Բերսաբէէ, իւրաքանչիւր մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ ապահովութեամբ կը նստէր։ Սողոմոն իր կառքի ձիերուն համար քառասուն հազար ախոռ ունէր ու տասներկու հազար ձիաւոր։ Այն գործակալները, ամէն մէկը իր ամսուան մէջ, Սողոմոն թագաւորը ու Սողոմոն թագաւորին սեղանին բոլոր մօտեցողները կը կերակրէին՝ բան մը պակաս չընելով. Նաեւ ձիերուն ու երիվարներուն համար, անոնց եղած տեղը, ամէն մէկը իր վրայ դրուած հարկին չափովը գարի ու յարդ կը բերէր։ Աստուած Սողոմոնին իմաստութիւն ու խիստ շատ հանճար եւ սրտի լիութիւն տուաւ՝ ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ։ Սողոմոնին իմաստութիւնը բոլոր արեւելքցիներուն իմաստութենէն ու Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութենէն աւելի էր։ Անիկա բոլոր մարդոցմէ իմաստուն էր։ Եզրահացի Եթանէն ու Մաւուլի որդիներէն, Եմանէն, Քալքօլէն ու Դարդայէն, իմաստուն էր ու բոլոր շրջակայ ազգերուն մէջ անուանի եղաւ։ Անիկա երեք հազար առակ գրեց ու անոր շարադրած երգերը հազար հինգ հատ էին։ Անիկա ծառերուն վրայ խօսեցաւ, Լիբանանի եղեւինէն մինչեւ պատի վրայ բուսնող զոպան։ Նաեւ անասուններու վրայ, թռչուններու վրայ, սողուններու վրայ ու ձուկերու վրայ խօսեցաւ։ Բոլոր ժողովուրդներէն ու անոր իմաստութեան համբաւը լսող բոլոր թագաւորներէն շատեր Սողոմոնին իմաստութիւնը մտիկ ընելու կու գային։ Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը իր ծառաները Սողոմոնին ղրկեց քանզի լսեր էր թէ անոր հօրը տեղ զինք թագաւոր օծեր են. վասն զի Քիրամ Դաւիթը շատ կը սիրէր։ Սողոմոնն ալ Քիրամին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Դուն գիտես թէ իմ հայրս Դաւիթ չկրցաւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը տուն շինել, այն պատերազմներուն պատճառով, որոնք անոր բոլորտիքը պատեր էին, մինչեւ որ Տէրը զանոնք անոր ոտքերուն թաթերուն տակ դրաւ։ Բայց հիմա իմ Տէր Աստուածս ամէն կողմանէ ինծի հանգստութիւն տուաւ, թշնամի չկայ ու ձախորդ պատահար մը չկայ։ Ահա ես կ’ուզեմ, որ իմ Տէր Աստուծոյս անուանը տուն մը շինեմ, ինչպէս Տէրը իմ հօրս Դաւիթին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Քու որդիդ, որ քու տեղդ քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ, անիկա իմ անուանս տուն պիտի շինէ’։ Հիմա հրաման ըրէ՛, որ ինծի համար Լիբանանէն եղեւիններ կտրեն ու իմ ծառաներս քու ծառաներուդ թող միանան։ Քու ձեռքերուդ վարձքը քու որոշածիդ չափ քեզի կու տամ, քանզի դուն գիտես թէ մեր մէջ Սիդոնացիներուն պէս փայտ կտրող վարպետ մը չկայ»։ Երբ Քիրամ Սողոմոնին խօսքերը լսեց՝ շատ ուրախացաւ ու ըսաւ. «Այս մեծ ժողովուրդին վրայ Դաւիթին իմաստուն որդի տուող Տէրը այսօր օրհնեալ ըլլայ»։ Քիրամ Սողոմոնին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Ինծի ղրկած խօսքդ լսեցի։ Ես եղեւնափայտի ու մայրիի փայտի համար քու ամէն կամքդ պիտի կատարեմ։ Իմ ծառաներս Լիբանանէն ծովը պիտի իջեցնեն ու ես զանոնք լաստեր շինելով մինչեւ ինծի ցուցուցած տեղդ ծովէն պիտի բերեմ եւ հոն զանոնք պիտի քակեմ ու դուն պիտի վերցնես, իսկ դուն ալ իմ տանս պաշար տալով՝ իմ կամքս պիտի կատարես»։ Քիրամ Սողոմոնին ուզածին չափ եղեւնափայտ ու մայրիի փայտ տուաւ։ Սողոմոն Քիրամին տանը համար քսան հազար քոռ ցորեն ու երկու հարիւր մար մաքուր իւղ՝ ՝ տուաւ։ Սողոմոն Քիրամին տարուէ տարի այսպէս տուաւ։ Եւ Տէրը Սողոմոնին իմաստութիւն տուաւ, ինչպէս անոր խոստացեր էր։ Քիրամին ու Սողոմոնին մէջտեղ խաղաղութիւն եղաւ ու երկուքը դաշինք կնքեցին։ Սողոմոն թագաւորը բոլոր Իսրայէլէն մարդ հաւաքեց։ Հաւաքուեցաւ երեսուն հազար մարդ։ Զանոնք յաջորդաբար՝ ամիսը տասնական հազար հոգի Լիբանան ղրկեց, որոնք մէկ ամիս Լիբանան կեցան ու երկու ամիս՝ իրենց տունը։ Ադոնիրամ այս հարկահաւաքին վրայ էր։ Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր եւ ութսուն հազար փայտ կտրող ունէր, Բացի Սողոմոնի երեք հազար երեք հարիւր գլխաւոր գործակալներէն, որոնք գործը բանող ժողովուրդին վրայ կը հսկէին։ Թագաւորը հրամայեց որ մեծ ու պատուական քարեր կտրեն, որպէս զի տանը հիմը տաշուած քարերով դնեն։ Սողոմոնին վարպետները ու Քիրամին վարպետները եւ Գեբաղացիները փայտերն ու քարերը տաշեցին ու պատրաստեցին՝ տանը շինութեանը համար։ Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսին երկրէն ելլելուն չորս հարիւր ութսուներորդ տարին ու Սողոմոնին Իսրայէլի վրայ թագաւորելուն չորրորդ տարին, Զիու ամսուան, այսինքն երկրորդ ամսուան մէջ Տէրոջը տունը սկսաւ շինել՝ ՝։ Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջը համար շինած տանը երկայնութիւնը՝ վաթսուն կանգուն, լայնութիւնը՝ քսան ու բարձրութիւնը երեսուն կանգուն էր։ Տանը ատեանին առջեւի գաւիթը քսան կանգուն երկայնութիւն ունէր, որ տանը լայնութեանը չափ էր ու անոր լայնութիւնը տանը առջեւէն տասը կանգուն էր։ Տանը վանդակապատ պատուհաններ շինեց։ Տանը պատին բոլորտիքը պատին կցուած դստիկոններ շինեց՝ թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ դաբիրին բոլորտիքը եւ այսպէս շուրջանակի սենեակներ շինեց։ Վարի կարգին լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու միջին կարգին լայնութիւնը՝ վեց կանգուն ու երրորդին լայնութիւնը եօթը կանգուն էր. քանզի դուրսէն տանը բոլորտիքը միջոցներ ձգեց գերանները հեծցնելու համար, որպէս զի տանը պատին մէջ չմտնեն։ Երբ տունը կը շինուէր, քարահանքին մէջ պատրաստուած քարերով կը շինուէր, այնպէս որ անոր շինուած ատենը մուրճի կամ տապարի եւ կամ ուրիշ երկաթէ գործիքի մը ձայն չէր լսուեր տանը մէջ։ Միջին կարգին դուռը տանը աջ կողմն էր ու շրջանակաւոր սանդուխներով՝ միջին կարգը ու միջին կարգէն երրորդ կարգը կ’ելլէին։ Տունը շինեց ու զանիկա լմնցուց։ Տանը ձեղունը եղեւնափայտի տախտակներով դրուագազարդ շինեց։ Բոլոր տանը վրայ սենեակներուն կարգը՝ ՝ հինգ կանգուն բարձրութեամբ շինեց, որ եղեւնափայտերով տանը կցուած էր։ Տէրոջը խօսքը Սողոմոնին եղաւ՝ ըսելով. «Հիմա որ դուն այս տունը կը շինես, եթէ իմ կանոններովս քալես ու իմ օրէնքներս գործադրես ու իմ բոլոր պատուիրանքներս պահես՝ անոնց մէջ քալելով, այն ատեն քու վրադ պիտի հաստատեմ այն խօսքը, որ քու հօրդ Դաւիթին խօսեր եմ։ Իսրայէլի որդիներուն մէջ պիտի բնակիմ ու իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը պիտի չթողում»։ Սողոմոն տունը շինեց ու զանիկա լմնցուց։ Տանը պատերը ներսիդիէն, յատակէն մինչեւ պատերուն վերին ծայրը, եղեւնափայտի տախտակներով շինեց. այսպէս ներսիդին փայտով ծածկեց ու տանը յատակը մայրիի փայտի տախտակներով պատեց։ Տանը ետեւի կողմին քսան կանգունը՝ յատակէն մինչեւ պատին ծայրը ՝ եղեւնափայտի տախտակներով շինեց ու այն ներսի միջոցը դաբիրին՝ այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին համար՝ շինեց։ Բայց տունը այսինքն առջեւի տաճարը քառասուն կանգուն էր։ Տանը մէջ եղող եղեւնափայտերուն վրայ գնդակներ ու բացուած ծաղիկներ քանդակուած էին։ Ամէնքը եղեւնափայտէ ըլլալով՝ ամենեւին քար մը չէր երեւնար։ Դաբիրը ներքին տանը մէջ պատրաստեց, որպէս զի հոն Տէրոջը ուխտին տապանակը դնէ։ Դաբիրին երեսը քսան կանգուն երկայն էր եւ անոր լայնութիւնը՝ քսան կանգուն ու բարձրութիւնը՝ քսան կանգուն էր։ Զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց։ Եղեւնափայտէ սեղանն ալ ոսկիով պատեց։ Ուստի Սողոմոն տանը ներսի կողմը մաքուր ոսկիով պատեց ու դաբիրին առջեւ ոսկի շղթաներով վարագոյր մը անցուց ու զանիկա ալ ոսկիով պատեց։ Բոլոր տունը ոսկիով պատեց առանց տեղ մը ձգելու եւ դաբիրին քովի բոլոր սեղանն ալ ոսկիով պատեց։ Դաբիրին մէջ իւղալի փայտէ երկու քերովբէներ շինեց, որոնց երկայնութիւնը տասը կանգուն էր։ Քերովբէին մէկ թեւը հինգ կանգուն էր։ Մէկ թեւին ծայրէն մինչեւ միւս թեւին ծայրը տասը կանգուն էր։ Միւս քերովբէն ալ տասը կանգուն էր։ Երկու քերովբէներուն չափը ու ձեւը նոյնն էր։ Մէկ քերովբէին բարձրութիւնը տասը կանգուն էր ու միւս քերովբէինն ալ նոյնչափ էր։ Քերովբէները ներքին տանը մէջ դրաւ։ Քերովբէները իրենց թեւերը կ’երկնցնէին. մէկուն թեւը մէկ պատին կը դպչէր ու միւս քերովբէին թեւը միւս պատին կը դպչէր։ Անոնց միւս թեւերը տանը մէջտեղը թեւ թեւի կը դպչէին։ Քերովբէները ոսկիով պատեց։ Տանը բոլոր պատերուն վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ, բացուած ծաղիկներ քանդակաձեւ փորագրեց, թէ՛ ներսի կողմը եւ թէ՛ դուրսի կողմը։ Տանը ներսի ու դուրսի յատակն ալ ոսկիով պատեց։ Դաբիրին դրանը իւղալի փայտէ փեղկեր շինեց, որոնք դրանդիքներով մէկտեղ պատին հինգերորդ մասն էին։ Իւղալի փայտէ շինուած երկու փեղկերուն վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ, բացուած ծաղիկներ փորագրեց եւ զանոնք ոսկիով պատեց, քերովբէներուն ու արմաւենիներուն վրայ ալ ոսկի տարածելով։ Նոյնպէս ալ տաճարին դրանը ըրաւ, իւղալի փայտէ դրանդիքներ շինեց, որոնք պատին մէջ չորրորդ մասն էին։ Դրանը երկու փեղկերը մայրիի փայտէ էին. մէկ փեղկը երկու կտորէ ըլլալով կը ծալլուէր ու միւս փեղկը երկու կտորէ ըլլալով կը ծալլուէր։ Անոնց վրայ քերովբէներ, արմաւենիներ, բացուած ծաղիկներ փորագրեց եւ դրուագներուն վրայ յարմարցուած ոսկիով պատեց։ Ու ներքին գաւիթը երեք կարգ տաշուած քարերով ու մէկ կարգ եղեւնափայտի հեծաններով շինեց։ Տէրոջը տանը հիմը չորրորդ տարուան Զիու ամսուան մէջ դրուեցաւ Ու տասնըմէկերորդ տարին Բուլ ամսուն, այսինքն ութերորդ ամսուան մէջ, տունը իրեն վերաբերեալ ամէն բաներովը լմնցաւ։ Այսպէս եօթը տարուան մէջ շինեց զանիկա։ Սողոմոն տասնըերեք տարուան մէջ շինեց ու լմնցուց իր բոլոր տունը։ Լիբանանի անտառին տունն ալ շինեց. երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու բարձրութիւնը՝ երեսուն կանգուն։ Չորս կարգ եղեւնափայտէ սիւներու վրայ շինեց ու սիւներուն վրայ եղեւնափայտէ հեծաններ դրաւ ։ Նաեւ եղեւնափայտէ յարկ մը շինեց այն գերաններուն վրայ, որոնք քառասունըհինգ սիւներու վրայ էին, իւրաքանչիւր կարգը տասնըհինգ հատ։ Երեք կարգ իրարու դէմ շարուած վանդակաւոր պատուհաններ կային։ Բոլոր դռներն ու դրանդիքները քառակուսի էին եւ վանդակաւոր պատուհանները իրարու դէմ երեք կարգ էին։ Սիւներուն Սրահը շինեց։ Երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը՝ երեսուն կանգուն։ Գաւիթ մըն ալ կար, ճակատը սիւներ եւ անոնց առջեւ ամպհովանի մը կար։ Նաեւ գահին Սրահը շինեց, ուր դատաստան կ’ընէր։ Անիկա Ատեանի Սրահ ալ կը կոչուէր ։ Յատակէն մինչեւ ձեղունը եղեւնափայտով ծածկուած էր։ Իր բնակարանը, որ սրահին ետեւի գաւիթին մէջ էր, միւս սրահներուն նման շինած էր։ Եւ Փարաւոնին աղջկան համար ալ, որ Սողոմոն իրեն կին առեր էր, այս սրահին պէս տուն մը շինեց։ Այս բոլորը՝ ներսէն ու դուրսէն, հիմէն մինչեւ առաստաղը, դուրսի կողմէն մինչեւ մեծ գաւիթը տաշուած քարերու չափով՝ սղոցուած քարերով շինուած էր։ Հիմն ալ թանկագին քարերէ էր, մեծ քարերէ, տասը կանգուն քարերէ եւ ութը կանգուն քարերէ։ Վերը տաշուած քարերուն չափովը ազնիւ քար ու եղեւնափայտ էր։ Եւ մեծ գաւիթին չորս կողմը ու Տէրոջը տանը ներքին գաւիթը եւ տանը սրահը երեք կարգ տաշուած քարերով ու մէկ կարգ եղեւնափայտի հեծաններով շինուած էր։ Եւ Սողոմոն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Տիւրոսէն Քիրամը բերել տուաւ։ Անիկա Նեփթաղիմի ցեղէն որբեւարի կնոջ մը որդին էր։ Անոր հայրը Տիւրացի պղնձագործ մըն էր։ Այս մարդը պղնձէ ամէն տեսակ գործեր ընելու մեծ հմտութիւն, իմաստութիւն ու գիտութիւն ունէր։ Սողոմոն թագաւորին եկաւ ու անոր ամէն գործը կատարեց։ Ասիկա պղնձէ երկու սիւն ձուլեց։ Մէկ սիւնին երկայնութիւնը տասնըութը կանգուն ու շրջապատը տասներկու կանգուն էր։ Նոյնպէս էր երկրորդ սիւնինն ալ ։ Սիւներուն գլուխը դնելու համար պղնձէ երկու խոյակ ձուլեց։ Մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն ու միւս խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր։ Սիւներուն գլուխի խոյակներուն համար՝ մէկ խոյակին համար՝ եօթը ու միւս խոյակին համար եօթը ցանցակերպ ու շղթայագործ հիւսուած զարդեր շինեց ։ Այսպէս սիւները շինեց ու մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ շուրջանակի երկու կարգ նուռեր շարեց, որպէս զի սիւնին գլուխը եղած խոյակը նուռերով ծածկուի։ Միւս խոյակին ալ այնպէս ըրաւ։ Սրահին մէջի սիւներուն գլուխը եղող խոյակները չորս կանգուն էին շուշանաձեւ շինուածքով։ Երկու սիւներուն վրայի խոյակներուն ու ցանցակերպ զարդին մօտ եղող փորին վրայ ալ նուռեր կային։ Երկու խոյակներուն՝ ՝ վրայ կարգով շարուած երկու հարիւր նուռ կար։ Եւ սիւները տաճարին մէջ կանգնեցուց ու աջ կողմի սիւնը կանգնեցնելով՝ զայն Յաքին կոչեց ու ձախ կողմի սիւնը կանգնեցնելով՝ զայն ալ Բոոզ կոչեց։ Սիւներուն գլխուն վրայ շուշանաձեւ գործ կար։ Այսպէս սիւներուն գործը լմնցաւ։ Ծովը ձուլածոյ շինեց, որուն մէկ եզերքէն մինչեւ միւս եզերքը տասը կանգուն էր ու բոլորաձեւ էր։ Անոր բարձրութիւնը հինգ կանգուն ու շրջագիծը երեսուն կանգուն էր։ Անոր եզերքին տակ շուրջանակի ամէն կողմէն գնդակներ շարուած էին։ Ծովուն բոլորտիքը ամէն մէկ կանգունի մէջ տասնական գնդակներ կային։ Գնդակները երկու կարգի էին, որոնք ծովուն ձուլուած ատենը ձուլուեր էին։ Անիկա տասներկու եզներու վրայ կը կենար, որոնց երեքը՝ դէպի հիւսիս, երեքը՝ դէպի արեւմուտք, երեքը՝ դէպի հարաւ ու երեքը դէպի արեւելք կը նայէին։ Ծովը անոնց վրայ էր ու բոլորին ետեւի կողմը դէպի ներս դարձած էր ։ Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր։ Եզերքը գաւիթին եզերքին պէս էր, վրան շուշանի ծաղիկներ շինուած էին ։ Ան երկու հազար մար կ’առնէր։ Պղնձէ տասը մեքենովթ շինեց։ Ամէն մէկ մեքենովթին երկայնութիւնը չորս կանգուն ու լայնութիւնը՝ չորս կանգուն եւ բարձրութիւնը երեք կանգուն էր։ Մեքենովթները այսպէս էին։ Անոնք սպառուածներ ունէին։ Սպառուածները եզերքներուն մէջտեղն էին։ Եզերքներուն մէջտեղը եղող սպառուածներուն վրայ առիւծներ, եզներ ու քերովբէներ կային։ Եզերքներուն վրայ վերի կողմը խարիսխն էր ու առիւծներուն ու եզներուն տակ կախուած զարդեր կային։ Ամէն մէկ մեքենովթ պղնձէ չորս անիւ ու պղնձէ չորս առանցքներ ունէր ու չորս կողմերը ուռեր կային։ Ամէն կախուած զարդի քով՝ աւազանին տակ՝ ձուլածոյ ուռեր կային։ Անոր բերանը խոյակին մէջէն դէպի վեր մէկ կանգուն էր ու անոր բերանը խարիսխի գործի պէս բոլորաձեւ էր ու մէկուկէս կանգուն էր եւ բերնին վրայ ալ քանդակներ ու սպառուածներ կային՝ քառակուսի եւ ոչ բոլորաձեւ։ Սպառուածներուն տակ չորս անիւ կար եւ անիւներուն առանցքները մեքենովթին վրայ հաստատուած էին ։ Ամէն մէկ անիւին բարձրութիւնը մէկուկէս կանգուն էր։ Անիւներուն շինուածքը կառքի անիւներու շինուածքին պէս էր։ Անոնց առանցքները, շրջանակները, շառաւիղներն ու գունտերը բոլորը ձուլածոյ էին։ Եւ ամէն մէկ մեքենովթին չորս անկիւններուն վրայ չորս ուռ կար եւ ուռերն ալ մեքենովթէն էին։ Ու մեքենովթին գլուխը կէս կանգուն բարձրութեամբ բոլորակ մը կար ու մեքենովթին գլխուն վրայ եղող եզերքն ու սպառուածները իրմէ էին։ Եզերքներուն տախտակներուն վրայ ու սպառուածներուն վրայ քերովբէներ, առիւծներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, ամէն մէկ տեղին յարմարութեանը համեմատ ու անոնց բոլորտիքը կախուած զարդեր կային։ Տասը մեքենովթներն ալ նոյնպէս էին։ Ամենուն ձուլուածքը, չափն ու ձեւը նոյնն էր։ Տասը հատ պղնձէ աւազան շինեց։ Ամէն մէկ աւազան քառասուն մարով կը լեցուէր ու ամէն մէկ աւազան չորս կանգուն էր։ Տասը մեքենովթներուն վրայ մէկմէկ աւազան կար։ Հինգ մեքենովթը՝ տանը աջ կողմը ու հինգ մեքենովթը տանը ձախ կողմը դրաւ ու ծովը տանը աջ կողմը՝ հարաւային արեւելեան կողմը դրաւ։ Քիրամ աւազաններ, թիակներ ու կոնքեր շինեց։ Քիրամ կատարեց այն բոլոր գործերը՝ որոնք Տէրոջը տանը համար Սողոմոն թագաւորին կը շինէր։ Այսինքն երկու սիւները, սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը եւ սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար երկու ցանցակերպ զարդերը Ու երկու ցանցակերպ զարդերուն չորս հարիւր նուռերը, այսինքն սիւներուն վրայի խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար՝ ամէն մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ երկու կարգ նուռեր։ Տասը մեքենովթներն ու մեքենովթներուն վրայի տասը աւազանները Ու ծով մը ու ծովին տակի տասներկու եզները Եւ կաթսաները ու թիակներն ու կոնքերը եւ այն բոլոր կարասիները, որոնք Քիրամ Սողոմոն թագաւորին շինեց Տէրոջը տանը համար, փայլուն պղնձէ էին։ Թագաւորը զանոնք Յորդանանի դաշտին մէջ թանձր հողի մը վրայ ձուլել տուաւ Սոկքովթի ու Սարթանի մէջտեղ։ Եւ Սողոմոն այս կարասիները առանց կշռելու ձգեց, վասն զի խիստ շատ էին, այնպէս որ պղնձին կշիռքը ճշդել կարելի չէր։ Սողոմոն Տէրոջը տանը բոլոր կարասիները շինեց՝ խունկին ոսկի սեղանը ու վրան առաջաւորութեան հաց դրուելու ոսկի սեղանը Եւ դաբիրին առջեւի զուտ ոսկիէ աշտանակները, որոնց հինգը աջ կողմն էին ու հինգը ձախ կողմը եւ ոսկիէ ծաղիկներն ու ճրագները եւ ունելիները, Զուտ ոսկիէ գաւաթները, բազմակալները, կոնքերը, խնկամանները եւ բուրվառները ու ներքին տանը, այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին, դռներուն ու տանը, այսինքն տաճարին դռներուն ոսկի ծխնիները։ Այսպէս Տէրոջը տաճարին համար Սողոմոն թագաւորին բոլոր շինած գործերը լմնցան ու Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին նուիրած բաները, արծաթն ու ոսկին ու անօթները տարաւ, Տէրոջը տանը գանձերուն մէջ դրաւ։ Այն ատեն Սողոմոն Իսրայէլի ծերերն ու ցեղերուն բոլոր իշխանները, Իսրայէլի որդիներուն նահապետները իր քով Երուսաղէմ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը Դաւիթին քաղաքէն, այսինքն Սիօնէն հանեն։ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը եօթներորդ ամսուան, Անթանի ամսուան մէջ, տօնին ատենը Սողոմոն թագաւորին քով հաւաքուեցան։ Իսրայէլի բոլոր ծերերը եկան ու քահանաները տապանակը վերցուցին։ Տէրոջը տապանակը ու վկայութեան խորանը եւ խորանին մէջ եղած բոլոր սուրբ անօթները հանեցին. զանոնք քահանաներն ու Ղեւտացիները հանեցին։ Սողոմոն թագաւորն ու անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը անոր հետ տապանակին առջեւ ըլլալով՝ ոչխարներ ու արջառներ զոհեցին։ Այնչափ շատ որ անթիւ ու անհամար էին։ Քահանաները Տէրոջը ուխտին տապանակը ներս տարին իր տեղը տանը դաբիրը, Սրբութիւն Սրբութեանցը ու քերովբէներուն թեւերուն տակ դրին. Քանզի քերովբէները տապանակին տեղին վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին ու քերովբէները վերէն կը ծածկէին տապանակն ու անոր ձողերը։ Ձողերը երկնցուցին, այնպէս որ ձողերոն ծայրերը սրբութենէն կ’երեւնային դաբիրին առջեւ, բայց դուրսէն չէին երեւնար ու մինչեւ այսօր հոն են։ Տապանակին մէջ ուրիշ բան չկար, բայց միայն այն երկու քարէ տախտակները՝ որոնք Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, որոնցմով Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ, անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելած ատենը, ուխտ ըրաւ։ Երբ քահանաները սրբութենէն ելան, ամպը լեցուց Տէրոջը տունը Եւ ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ, որ իրենց պաշտօնը կատարեն, վասն զի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր։ Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։ Ահա քեզի բնակութեան համար տուն ու յաւիտեան նստելու համար քեզի տեղ շինեցի»։ Եւ թագաւորը երեսը դարձուց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը օրհնեց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը ոտքի վրայ կայներ էին։ Անիկա ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթին խօսք տուաւ ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ. ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանած օրէս ի վեր, Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ քաղաք մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի անունս հոն ըլլայ, բայց Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ’։ Իմ հայրս՝ Դաւիթ՝ միտք ունէր, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ, Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթին ըսաւ. ‘Թէեւ ուն միտքդ դրիր, որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր որ այս բանը միտքդ դրիր, Սակայն տունը դուն պիտի չշինես, հապա քու որդիդ, որ քու երանքէդ պիտի ելլէ՝ անիկա իմ անուանս տունը պիտի շինէ’։ Հիմա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց ու ես իմ հօրս Դաւիթին յաջորդեցի ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլին աթոռը նստայ ու Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը այս տունը շինեցի Եւ հոն տեղ մը պատրաստեցի տապանակին համար, որուն մէջ է Տէրոջը ուխտը, որ մեր հայրերուն հետ ըրաւ, երբ զանոնք Եգիպտոսի երկրէն դուրս հանեց։ Սողոմոն Տէրոջը սեղանին առջեւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին առջեւ կայնելով՝ ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, վերը երկինքը ու վարը երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն կը պահես։ Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին ըրած խոստումդ պահեցիր ու բերնովդ ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։ Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խոստումդ, զոր քու ծառայիդ՝ իմ հօրս Դաւիթին՝ ըրիր ու ըսիր. ‘Իմ առջեւս Իսրայէլին աթոռին վրայ նստող մարդ քեզմէ պակաս պիտի չըլլայ. միայն թէ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ առջեւս քալեն, ինչպէս դուն իմ առջեւս քալեցիր’։ Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած Իսրայէլի, թող քու ծառայիդ՝ իմ հօրս Դաւիթին՝ ըսած խօսքդ հաստատուի։ «Բայց միթէ Աստուած իրաւցընէ երկրի վրայ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինք ու երկինքներու երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս։ Սակայն, ո՛վ Տէր Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ՛ եւ քու ծառայիդ այսօր քու առջեւդ ըրած պաղատանքն ու աղօթքը լսէ՛, Որպէս զի այս տանը վրայ գիշեր ու ցորեկ քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ, որուն համար ըսիր թէ ‘Իմ անունս հոն պիտի ըլլայ’, որպէս զի այստեղ քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսես։ Ուրեմն քու ծառայիդ եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին այստեղ ըրած աղօթքները լսէ՛. այո՛ քու բնակութեանդ տեղէն, երկնքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛։ «Եթէ մէկը ընկերին դէմ մեղանչէ ու ան ալ երդում ընել տալու համար՝ անոր երդում առաջարկէ ու երդումի համար այս տունը՝ քու սեղանիդ առջեւ՝ գայ, Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ ու կատարէ՛ ու քու ծառաներդ դատէ եւ յանցաւորը դատապարտէ՛ ու անոր ըրածը անոր գլուխը բե՛ր եւ արդարը արդարացո՛ւր ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ըրէ՛։ «Եթէ քու ժողովուրդդ Իսրայէլ՝ քեզի դէմ մեղանչելուն համար իրենց թշնամիներուն առջեւ յաղթուին ու քեզի դառնան եւ քու անուանդ փառք տան ու այս տան մէջ քեզի աղօթք ու աղաչանք ընեն, Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛ ու անոնց հայրերուն տուած երկիրդ դարձուր զանոնք։ «Եթէ անոնց քեզի դէմ մեղք գործելնուն համար երկինք գոցուի ու անձրեւ չգայ ու անոնք այստեղ քեզի աղօթք ընեն եւ քու անուանդ փառք տան ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան, Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ծառաներուդ ու ժողովուրդիդ Իսրայէլի մեղքը ներէ՛ եւ անոնց սորվեցուր այն շիտակ ճամբան, որուն մէջ պէտք է քալեն եւ անձրեւ տուր այն երկրին, որ քու ժողովուրդիդ իբր ժառանգութիւն տուիր։ «Եթէ երկրի վրայ սով, կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն, կամ արմտիքներու դալուկ, կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն, կամ որեւէ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ, Քու բոլոր ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրուածք մը ընէ եւ իւրաքանչիւր մարդ իր սրտին ախտը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ, Այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս. Որպէս զի քեզմէ վախնան իրենց օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տուած երկրիդ վրայ ապրին։ «Քու ժողովուրդէդ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու անուանդ համար եկող օտարականն ալ (Վասն զի քու մեծ անունդ պիտի լսեն ու երկնցած բազուկդ պիտի տեսնեն,) եթէ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ, Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրուածքը կատարէ՛, որպէս զի երկրի ամէն ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է։ «Երբ քու ժողովուրդդ թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով, որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այս քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով ՝ Տէրոջը աղօթք ընեն, Երկնքէն անոնց աղօթքն ու խնդրուածքը լսէ՛ եւ անոնց իրաւունք ըրէ՛։ «Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն, (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ,) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես ու անոնց գերեվարները թշնամիին հեռու կամ մօտ երկիրը գերի տանին զանոնք, Բայց եթէ այն գերութեան երկրին մէջ զղջան ու դառնան եւ իրենց գերեվարներուն երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն՝ ‘Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք’ Եւ եթէ զանոնք գերի տանող թշնամիներուն երկրին մէջ իրենց բոլոր սրտովը ու իրենց բոլոր հոգիովը քեզի դառնան ու իրենց երկրին, որ իրենց հայրերուն տուիր եւ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայելով ՝ քեզի աղօթք ընեն, Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսէ՛ ու անոնց իրաւունք ըրէ՛ Եւ քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ու բոլոր յանցանքը ներէ՛ ու այնպէս ըրէ՛, որ անոնց գերեվարները անոնց ողորմութիւն ընեն. Քանզի անոնք քու ժողովուրդդ ու քու ժառանգութիւնդ են, որոնք Եգիպտոսէն երկաթի հնոցին մէջէն հանեցիր։ Քու ծառայիդ խնդրուածքին ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի խնդրուածքին վրայ քու աչքդ ու ականջդ թող բաց ըլլան, որպէս զի անոնց քեզի ըրած աղաղակը լսես։ Քանզի երկրի ժողովուրդներէն դուն զանոնք զատեցիր, որպէս զի քու ժառանգորդներդ ըլլան, ինչպէս քու ծառայիդ Մովսէսին միջոցով յայտնեցիր, երբ մեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցիր, ո՛վ Տէր Եհովա»։ Երբ Սողոմոն այս աղօթքն ու խնդրուածքը Տէրոջը ըրաւ լմնցուց, Տէրոջը սեղանին առջեւէն ելաւ, ուր ձեռքերը դէպի երկինք տարածուած ծունր կրկներ էր, Ու ոտքի վրայ կայնելով Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը բարձր ձայնով օրհնեց ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ իր բոլոր ըսածին համեմատ իր Իսրայէլ ժողովուրդին հանգստութիւն տուաւ ու իր ծառային Մովսէսին միջոցով խօսած ամէն բարի խօսքերէն բնաւ խօսք մը գետինը չինկաւ։ Մեր Տէր Աստուածը մեզի հետ ըլլայ, ինչպէս մեր հայրերուն հետ էր ու մեզ չթողու ու մեզ երեսէ չձգէ Եւ մեր սիրտը իրեն դարձնէ, որպէս զի իր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալենք ու պահենք իր պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները, որոնք մեր հայրերուն պատուիրեց։ Տէրոջը առջեւ մատուցուած այս պաղատանքի խօսքերս ցորեկ ու գիշեր մեր Տէր Աստուծոյ մօտենան, որպէս զի օրէ օր պատահած գործերուն մէջ իր ծառային ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին իրաւունք ընէ. Որպէս զի երկրի բոլոր ժողովուրդները գիտնան թէ Եհովա ի՛նքն է Աստուած եւ ուրիշ մը չկայ։ Ու ձեր սիրտը մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղիղ ըլլայ, որպէս զի այս օրուան պէս անոր կանոններուն մէջ քալէք ու անոր պատուիրանքները պահէք»։ Թագաւորը ու բոլոր Իսրայէլ անոր հետ Տէրոջը առջեւ զոհեր մատուցանեցին։ Սողոմոն Տէրոջը մատուցուած խաղաղութեան զոհին համար՝ քսանըերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհ ըրաւ եւ թագաւորն ու բոլոր Իսրայէլի որդիները Տէրոջը տանը նաւակատիքը ըրին։ Այն օրը թագաւորը Տէրոջը տանը առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի իր ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց, վասն զի Տէրոջը առջեւի պղնձէ սեղանը պզտիկ կու գար այս ողջակէզները, հացի ընծաներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը ընդունելու։ Այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ու եօթը օր եւս, այսինքն տասնըչորս օր, տօն ըրին։ Եւ Սողոմոն ութերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք թագաւորը օրհնեցին ու իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք Տէրը իր ծառային ու Իսրայէլ ժողովրդին ըրաւ։ Երբ Սողոմոն Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը եւ իր սրտին բոլոր ուզած բաները շինեց լմնցուց, Տէրը Սողոմոնին նորէն երեւցաւ՝ ինչպէս Գաբաւոնի մէջ երեւցեր էր։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Իմ առջեւս ըրած աղօթքդ ու պաղատանքդ լսեցի եւ այս շինած տունդ սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն դնեմ ու իմ աչքերս ու սիրտս միշտ հոն պիտի ըլլան։ Եթէ դուն իմ առջեւս քու հօրդ Դաւիթին պէս քալես՝ կատարեալ սրտով եւ ուղղութեամբ քալես ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես ու իմ կանոններս ու օրէնքներս պահես, Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթին խոստացայ՝ ըսելով. ‘Իսրայէլի աթոռին վրայ քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։ Բայց եթէ դուք կամ ձեր որդիները ինծմէ խոտորիք ու ձեր առջեւ դրուած պատուիրանքներս ու կանոններս չպահէք ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք Այն ատեն Իսրայէլը պիտի ջնջեմ այն երկրին վրայէն, որ իրենց տուի ու իմ անուանս համար այս սրբած տունս երեսէս պիտի ձգեմ եւ Իսրայէլ բոլոր ազգերուն մէջ առակ ու կատակի առարկայ պիտի ըլլայ։ Այս բարձր տանը համար ամէն քովէն անցնողը պիտի զարմանայ ու սուլելով պիտի ըսէ. ‘Տէրը ինչո՞ւ համար այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ’։ Անոնց պիտի ըսեն. ‘Վասն զի անոնք իրենց Տէր Աստուածը թողուցին, որ անոնց հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր եւ ուրիշ աստուածներու յարեցան եւ անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառով Տէրը անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ’»։ Սողոմոն երկու տունը՝ Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը՝ քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը, Տիւրոսի թագաւորը Քիրամ եղեւնափայտերով, մայրիի փայտերով ու ոսկիով անոր ամէն ուզածին համեմատ Սողոմոնի օգնութիւն ընելու համար, Սողոմոն թագաւորն ալ այն ատեն Քիրամին քսան քաղաք տուաւ Գալիլիայի մէջ։ Քիրամ Տիւրոսէն եկաւ՝ որպէս զի Սողոմոնին իրեն տուած քաղաքները տեսնէ եւ իր աչքերուն հաճոյ չերեւցան Ու ըսաւ. «Եղբա՛յր, այս ի՜նչ քաղաքներ են, որոնք ինծի տուիր» ու անոց անունը Քաբօղի երկիր կոչուեցաւ։ Ուստի Քիրամ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ղրկեց։ Սողոմոն թագաւորին դրած հարկին պատճառը այս էր, որ Տէրոջը տունը, իր տունն ու Մելօնը ու Երուսաղէմի պարիսպը, Հասորը, Մակեդդովն ու Գազերը շինէ։ ( Քանզի Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը ելլելով՝ Գազերը առեր ու զանիկա կրակով այրեր էր եւ այն քաղաքին մէջ բնակող Քանանացիները մեռցնելով, զանիկա իր աղջկան, Սողոմոնի կնոջ, օժիտ տուեր էր։) Ու Սողոմոն Գազերն ու վարի Բեթորոնը շինեց, Նաեւ Բաազեթն ու Թադմօրը երկրին անապատին մէջ Եւ Սողոմոնին բոլոր շտեմարանին քաղաքներն ու կառքերուն քաղաքները ու ձիաւորներուն քաղաքները եւ այն բոլոր շէնքերը, որոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի մէջ ու իր տէրութեան բոլոր երկրին մէջ։ Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք Ամօրհացիներէն, Քետացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին, Այսինքն անոնց զաւակները, որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին ու Իսրայէլի որդիները չէին կրցեր զանոնք բնաջինջ ընել, Սողոմոն զանոնք հարկատու ծառայ ըրաւ մինչեւ այսօր։ Բայց Սողոմոն Իսրայէլի որդիները իրեն ծառայ չըրաւ. հապա անոնք իր պատերազմական մարդիկը, իր պալատականները, իշխանները, զօրավարներն ու իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներն էին։ Սողոմոնին գործին վրայ հինգ հարիւր յիսուն գլխաւոր իշխաններ կային, որոնք բանուոր ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին։ Փարաւոնին աղջիկը Դաւիթի քաղաքէն ելաւ ու գնաց իր տունը, որ Սողոմոն անոր համար շիներ էր։ Ապա Մելօնը շինեց։ Սողոմոն տարին երեք անգամ՝ Տէրոջը համար շինած սեղանին վրայ՝ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր կը մատուցանէր եւ Տէրոջը առջեւի սեղանին վրայ խունկ կը ծխէր։ Այսպէս լրացուց իր գործը։ Սողոմոն թագաւորը Եդովմի երկրին մէջ Կարմիր ծովուն եզերքը՝ Ելաթի քով եղող Գասիոնգաբերի մէջ նաւեր շինեց։ Քիրամ Սողոմոնին ծառաներուն հետ, ծովու ճամբորդութեան հմուտ եղող իր նաւավարները այն նաւերով ղրկեց։ Ու անոնք Ոփիր գացին եւ անկէ չորս հարիւր քսան տաղանդ ոսկի առին ու Սողոմոն թագաւորին բերին։ Սաբայի թագուհին Սողոմոնին համբաւն ու Տէրոջը անունը լսեց ու եկաւ որպէս զի խրթին հարցումներով զանիկա փորձէ։ Անիկա Երուսաղէմ եկաւ շատ հետեւորդներով, խունկեր ու խիստ շատ ոսկի ու պատուական քարեր բեռցած ուղտերով։ Ան Սողոմոնին քով գնաց ու բոլոր իր սրտին մէջ եղածը անոր ըսաւ։ Սողոմոն անոր բոլոր հարցումները բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ թագաւորը չհասկնար ու չբացատրէր անոր։ Սաբայի թագուհին Սողոմոնին բոլոր իմաստութիւնը ու անոր շինած տունը Եւ անոր սեղանին կերակուրներն ու անոր ծառաներուն բնակարանները եւ սպասաւորներուն կեցուածքն ու անոնց հագուստները եւ անոր մատռուակները ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը՝ ՝ տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց Եւ թագաւորին ըսաւ. «Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր, Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ որ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ եւ ահա ինծի ասոր կէսը պատմած չէին։ Քու իմաստութիւնդ ու երջանկութիւնդ իմ լսած համբաւէս աւելի է։ Երանի՜ քու մարդոցդ, երանի՜ այս քու ծառաներուդ՝ որոնք միշտ քու առջեւդ կենալով՝ քու իմաստութիւնդ կը լսեն։ Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ Իսրայէլի աթոռին վրայ դրաւ։ Եհովա Իսրայէլը յաւիտեան սիրելուն համար՝ քեզ թագաւոր ըրաւ, որպէս զի իրաւունք ու արդարութիւն ընես»։ Ապա թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր ու պատուական քարեր տուաւ։ Անկէ յետոյ այնչափ խունկ չեկաւ, որչափ Սաբայի թագուհին Սողոմոն թագաւորին տուաւ։ Քիրամին նաւերը, որոնք Ոփիրէն ոսկի կը բերէին, Ոփիրէն խիստ շատ ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին։ Թագաւորը ալմուկ փայտէն յենարաններ շինեց՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը համար եւ քնարներ ու տաւիղներ՝ երգեցողներուն համար։ Անկէ յետոյ այսպիսի փայտ ալ բնաւ չեկաւ ու չերեւցաւ մինչեւ այսօր։ Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, իր առատաձեռնութեամբ անոր տուածէն զատ։ Եւ անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց։ Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկիին կշիռը վեց հարիւր վաթսունըվեց տաղանդ էր. Առուտուր ընողներէն ու վաճառականներէն եւ Արաբացիներու բոլոր թագաւորներէն ու երկրին նախարարներէն առածէն զատ։ Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց։ Ամէն մէկ վահանին համար վեց հարիւր սիկղ ոսկի գնաց։ Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց ։ Ամէն մէկ ասպարի երեք մնաս ոսկի գնաց։ Թագաւորը ասոնք Լիբանանի Անտառը կոչուող սրահը դրաւ։ Թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց ու զուտ ոսկիով պատեց զանիկա։ Այս աթոռը վեց աստիճան ունէր ու աթոռին վերի ծայրը ետեւէն բոլորակաձեւ էր եւ նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր։ Յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։ Վեց աստիճաններուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ոեւէ թագաւորութեան մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր։ Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին։ Լիբանանի Անտառը կոչուող սրահին բոլոր ամանները զուտ ոսկիէ էին։ Արծաթէ չկար. քանզի արծաթը Սողոմոնին օրերը բանի մը տեղ չէր սեպուեր։ Վասն զի թագաւորը ծովու վրայ Քիրամին նաւերուն հետ Թարսիսցի նաւեր ունէր. Թարսիսցի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով եւ կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային։ Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ։ Բոլոր երկիրը կը փափաքէր Սողոմոնին երեսը տեսնել եւ անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր։ Անոնց ամէնքը ամէն տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, զէնքեր, խունկեր, ձիեր ու ջորիներ։ Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասներկու հազար ձիաւոր ունեցաւ։ Զանոնք կառքերու քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց։ Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։ Սողոմոնին ձիերը Եգիպտոսէն կու գային ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ’առնէր։ Եգիպտոսէն կառք մը կ’արտածուէր՝ վեց հարիւր արծաթով ու մէկ ձին՝ հարիւր յիսուն արծաթով ու Քետացիներուն բոլոր թագաւորներուն համար ալ անոնց ձեռքով այնպէս կ’արտածուէին։ Սողոմոն թագաւորը Փարաւոնին աղջիկէն զատ շատ օտարազգի կիներ, այսինքն Մովաբացի, Ամմոնացի, Եդովմայեցի, Սիդոնացի ու Քետացի կիներ սիրեց. Այն ազգերէն՝ որոնց համար Տէրը Իսրայէլին որդիներուն ըսեր էր. «Անոնց քով մի՛ մտնէք ու անոնք ալ ձեր քով թող չմտնեն, որպէս զի ձեր սրտերը իրենց աստուածներուն չդարձնեն»։ Սողոմոն սիրով անոնց յարեցաւ։ Անիկա եօթը հարիւր իշխանազուն կին ու երեք հարիւր հարճ ունէր ու անոր կիները անոր սիրտը խոտորցուցին։ Սողոմոնին ծերութեան ժամանակը անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթին սրտին պէս կատարեալ չէր։ Սողոմոն Սիդոնացիներու աստուծոյն Աստարովթին ետեւէն ու Ամմոնացիներուն գարշելի Մեղքոմին ետեւէն գնաց։ Սողոմոն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Տէրոջը ետեւէն իր հօրը Դաւիթին պէս կատարեալ սրտով չգնաց։ Այն ատեն Սողոմոն Երուսաղէմի առջեւի լերանը վրայ Մովաբացիներուն գարշելի Քամովսին համար բարձր տեղ մը շինեց ու Ամմոնացիներուն գարշելի Մողոքին համար ալ։ Իր բոլոր օտարազգի կիներուն համար ալ այնպէս ըրաւ, որոնք իրենց աստուածներուն խունկ կը ծխէին ու զոհ կը մատուցանէին։ Տէրը Սողոմոնին բարկացաւ, վասն զի անիկա իր սիրտը խոտորցուց Իսրայէլի Տէր Աստուծմէն, որ երկու անգամ իրեն երեւցաւ։ Եւ պատուիրեց որ ուրիշ աստուածներու ետեւէն չերթայ. բայց անիկա Տէրոջը պատուէրը չպահեց։ Տէրը Սողոմոնին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն այսպէս ըրիր՝ ՝ եւ իմ ուխտս ու քեզի պատուիրած կանոններս չպահեցիր, քու թագաւորութիւնդ անշուշտ քեզմէ պիտի առնեմ ու զանիկա քու ծառայիդ պիտի տամ։ Միայն թէ այս բանը քու օրերուդ մէջ չեմ ըներ՝ քու հօրդ Դաւիթին համար, բայց զանիկա քու որդիիդ ձեռքէն պիտի պատռեմ։ Սակայն բոլոր թագաւորութիւնը պիտի չպատռեմ, հապա իմ ծառայիս Դաւիթին համար ու իմ ընտրած Երուսաղէմիս համար քու որդիիդ ցեղ մը պիտի պահեմ»։ Տէրը Սողոմոնին դէմ թշնամի մը հանեց, այսինքն Եդովմի թագաւորին սերունդէն Եդովմայեցի Ադադը. Վասն զի Դաւիթ Եդովմի մէջ եղած ատենը, երբ Յովաբ զօրագլուխը մեռցուածները թաղելու համար ելաւ ու Եդովմի մէջ բոլոր արուները մեռցուց, (Որովհետեւ Յովաբ բոլոր Իսրայէլի հետ վեց ամիս նստաւ, մինչեւ որ Եդովմայեցիներուն բոլոր արուները մեռցուց,) Այն ատեն Ադադ իր հօրը քանի մը Եդովմայեցի ծառաներու հետ փախաւ, որպէս զի Եգիպտոս երթայ։ Ադադ դեռ պզտիկ տղայ էր։ Անոնք Մադիամէն ելան ու Փառան գացին, Փառանէն իրենց հետ մարդիկ առին ու Եգիպտոս գացին Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին, որ անոր տուն տուաւ ու անոր ռոճիկ կապեց ու անոր հող տուաւ։ Ադադ Փարաւոնին առջեւ շատ շնորհք գտաւ ու Փարաւոն իր կնոջ քոյրը, Թահփենէս թագուհիին քոյրը, անոր կնութեան տուաւ։ Թահփենէսի քոյրը Ադադին որդի մը ծնաւ, որ Գանեբաթ կոչուեցաւ ու Թահփենէս զանիկա Փարաւոնին տանը մէջ մեծցուց։ Գանեբաթ Փարաւոնին տունը Փարաւոնին որդիներուն մէջ էր։ Երբ Ադադ Եգիպտոսի մէջ լսեց թէ Դաւիթ իր հայրերուն հետ քնացեր է ու Յովաբ զօրապետը մեռեր է, Ադադ Փարաւոնին ըսաւ. «Արձակէ՛ զիս, որպէս զի իմ երկիրս երթամ»։ Փարաւոն անոր ըսաւ. «Իմ քովս քու ի՞նչդ պակաս է, որ քու երկիրդ երթալ կ’ուզես»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ, բանի մը կարօտութիւն չունիմ, բայց անպատճառ արձակէ՛ զիս»։ Աստուած անոր դէմ ուրիշ թշնամի մըն ալ հանեց, այսինքն Եղիադայի որդին Ռազոնը, որ իր տիրոջը Սուբայի Ադրազար թագաւորին քովէն փախեր էր։ Անիկա իր քով մարդիկ հաւաքեց եւ գնդապետ եղաւ ու երբ Դաւիթ զանոնք կոտորեց, Դամասկոս գացին ու հոն բնակեցան ու Դամասկոսի մէջ զինք թագաւոր ըրին։ Ուստի Ռազոն Սողոմոնին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլին թշնամի եղաւ։ Ադադին ըրած չարութեան պէս Իսրայէլին նեղութիւն կու տար եւ Ասորիներուն վրայ կը թագաւորէր։ Սողոմոնին ծառան՝ Սարեդայէ Եփրաթացի Նաբատի որդին Յերոբովամն ալ՝ որուն մայրը որբեւարի կին մըն էր Սարուա անունով, թագաւորին դէմ ելաւ։ Թագաւորին դէմ ելլելուն պատճառը այս էր։ Սողոմոն Մելօնը շինեց եւ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին փլած տեղը գոցեց։ Յերոբովամ խիստ ուժեղ մարդ մըն էր։ Սողոմոն տեսնելով որ անիկա գործունեայ կտրիճ մըն է, զանիկա Յովսէփին տանը բոլոր գործաւորներուն վրայ դրաւ։ Այն ժամանակ երբ Յերոբովամ Երուսաղէմէն դուրս ելաւ ու ճամբուն մէջ Սիլօնացի Աքիա մարգարէն անոր հանդիպեցաւ, անիկա նոր վերարկու մը հագեր էր։ Դաշտին մէջ երկուքը մինակ էին։ Աքիա անոր վրայի նոր վերարկուն բռնեց, զանիկա պատռեց տասներկու կտոր ըրաւ։ Եւ Յերոբովամին ըսաւ. «Տասը կտորը քեզի առ. քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա Սողոմոնին ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի պատռեմ ու տասը ցեղը քեզի պիտի տամ Եւ իմ ծառայիս Դաւիթին համար ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրուած Երուսաղէմ քաղաքին համար, ցեղ մը անոր ըլլայ, Որովհետեւ զիս թողուցին ու Սիդոնացիներուն աստուծոյն Աստարովթին եւ Մովաբացիներու աստուծոյն Քամովսին երկրպագութիւն ըրին եւ իմ ճամբաներուս մէջ չքալեցին, որ իր հօրը Դաւիթին պէս իմ առջեւս ուղիղ եղածն ու իմ կանոններս ու պատուիրանքներս գործադրեն։ Սակայն անոր ձեռքէն բոլոր թագաւորութիւնը պիտի չառնեմ ու զանիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իշխան պիտի թողում՝ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահող իմ ընտրած ծառայիս Դաւիթին համար։ Բայց անոր որդիին ձեռքէն թագաւորութիւնը պիտի առնեմ ու տասը ցեղը քեզի պիտի տամ։ Եւ անոր որդիին ցեղ մը պիտի տամ, որպէս զի իմ ծառաս Դաւիթ իմ առջեւս միշտ ճրագ մը ունենայ Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, որ ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար։ Քեզ պիտի առնեմ եւ սրտիդ բոլոր ուզածին պէս թագաւորութիւն պիտի ընես ու Իսրայէլի վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս։ Եթէ իմ բոլոր պատուիրածներուս հնազանդութիւն ընես ու իմ ճամբաներուս մէջ քալես եւ իմ ծառայիս Դաւիթին ըրածին պէս՝ իմ կանոններս ու պատուիրանքներս պահելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ընես, այն ատեն ես քեզի հետ պիտի ըլլամ ու քեզի մնայուն տուն մը պիտի շինեմ, ինչպէս Դաւիթին շինեցի ու Իսրայէլը քեզի պիտի տամ։ Եւ ասոր համար Դաւիթին սերունդը պիտի չարչարեմ, բայց ոչ՝ միշտ’»։ Սողոմոն Յերոբովամը մեռցնել ուզեց, բայց Յերոբովամ Եգիպտոս փախաւ ու Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորին քով գնաց ու մինչեւ Սողոմոնին մահը Եգիպտոս մնաց։ Սողոմոնին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածներն ու անոր իմաստութիւնը՝ ահա Սողոմոնին պատմութեան գրքին մէջ գրուած են։ Սողոմոնին Երուսաղէմի մէջ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրած օրերը քառասուն տարի եղան։ Ու Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր որդին Ռոբովամ անոր տեղ թագաւոր եղաւ։ Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց, վասն զի բոլոր Իսրայէլ զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր։ Նաբատեան Յերոբովամ, որ Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած Եգիպտոս կը բնակէր, դեռ Եգիպտոսի մէջ էր, երբ այս բանը լսեց։ Մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին։ Յերոբովամ եւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը եկան ու Ռոբովամին հետ խօսեցան ու ըսին. «Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ։ Դուն հիմա քու հօրդ խիստ ծառայութիւնն ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր ու քեզի ծառայութիւն ընենք»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք ու երեք օր ետքը ինծի դարձէ՛ք»։ Ժողովուրդը գնաց։ Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն, որոնք իր հօրը Սողոմոնին առջեւ կը կայնէին, երբ անիկա ողջ էր ու ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ»։ Անոնք խօսեցան ու ըսին. «Եթէ դուն այսօր այս ժողովուրդին ծառայ ըլլաս ու անոնց ծառայութիւն ընես եւ անոնց բարի խօսքեր ըսելով պատասխան տաս, այն ատեն անոնք քեզի միշտ ծառայ կ’ըլլան»։ Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց ու իր առջեւ կեցող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ, քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին. ‘Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցուր’»։ Անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին. «‘Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց, բայց դուն մեր վրայէն թեթեւցուր’ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսի՛ր ու անոնց այսպէս ըսէ՛. ‘Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։ Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր էր, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ’»։ Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամին եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ ‘Երրորդ օրը ինծի եկէք’։ Ու թագաւորը ժողովուրդին խստութեամբ պատասխան տուաւ եւ ծերերուն իրեն տուած խրատը մերժելով, Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոնց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ»։ Թագաւորը ժողովուրդին խօսքին մտիկ չըրաւ, վասն զի այս բանը Տէրոջմէն եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիային միջոցով Նաբատեան Յերոբովամին ըսած խօսքը հաստատէ։ Երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ թէ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք Դաւիթին քով ի՞նչ բաժին ունինք ու Յեսսէի որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, ձեր վրանները դարձէք ։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգայ»։ Իսրայելացիները իրենց վրանները գացին։ Բայց Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։ Ռոբովամ թագաւորը երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, բոլոր Իսրայէլ զանիկա քարերով քարկոծեցին ու մեռցուցին։ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի։ Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթին տանը դէմ ապստամբեցաւ։ Բոլոր Իսրայէլ Յերոբովամին դառնալը լսելով՝ մարդ ղրկեցին ու զանիկա ժողովի կանչեցին եւ զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրին ու Յուդայի ցեղէն զատ Դաւիթին տանը ուրիշ հետեւող մը չկար։ Ռոբովամ Երուսաղէմ մտաւ ու բոլոր Յուդայի տունէն ու Բենիամինի ցեղէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որ Իսրայէլի տանը հետ պատերազմին ու թագաւորութիւնը Սողոմոնի որդիին Ռոբովամին դարձնեն։ Բայց Աստուած խօսեցաւ Աստուծոյ մարդուն՝ Սեմայիային՝ ըսելով. «Սողոմոնի որդիին՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու բոլոր Յուդայի տանը ու Բենիամինին եւ մնացորդ ժողովուրդին խօսիր ու ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ ելլէք ու Իսրայէլի որդիներուն, ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ. վասն զի այս բանը ինծմէ եղաւ’»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Տէրոջը ըսածին պէս ետ դարձան։ Յերոբովամ Եփրեմին լերանը վրայ Սիւքէմը շինեց ու հոն բնակեցաւ։ Անկէ ելաւ, Փանուէլը շինեց։ Յերոբովամ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Հիմա թագաւորութիւնը Դաւիթին տանը պիտի դառնայ։ Եթէ այս ժողովուրդը Երուսաղէմ Տէրոջը տունը ելլէ զոհ ընելու համար, այն ատեն այս ժողովուրդին սիրտը իրենց տիրոջը՝ Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին՝ պիտի դառնայ եւ զիս պիտի մեռցնեն ու Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին պիտի դառնան»։ Թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու երկու հատ ոսկիէ հորթ շինեց ու անոնց ըսաւ. « Ասկէ յետոյ Երուսաղէմ պէտք չէ ելլէք՝ ՝, ո՛վ Իսրայէլ, ահա քու աստուածներդ՝ որոնք քեզ Եգիպտոսէն հանեցին»։ Մէկը Բեթէլի մէջ դրաւ ու միւսն ալ Դանի մէջ դրաւ։ Այս բանը մեղքի պատճառ եղաւ. վասն զի ժողովուրդը մինչեւ Դան կ’երթար այս հորթերէն մէկուն առջեւ երկրպագութիւն ընելու համար ։ Բարձր տեղերու վրայ կռատուններ շինեց ու ժողովուրդին ցած մարդոցմէն քուրմեր նշանակեց, որոնք Ղեւիի որդիներէն չէին։ Ու Յերոբովամ ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Յուդայի մէջ պահուած տօնին պէս սահմանեց ու սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց։ Բեթէլի մէջ այսպէս ըրաւ ու իր շինած հորթերուն զոհեր մատուցանեց եւ բարձր տեղերուն համար նշանակած քուրմերը Բեթէլի մէջ դրաւ։ Ու իր մտքէն հնարած ամսուան մէջ, այսինքն ութերորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը, Բեթէլի մէջ իր շինած սեղանին վրայ զոհեր մատուցանեց ու Իսրայէլի որդիներուն տօն սահմանեց։ Սեղանին վրայ զոհեր մատուցանելով խունկ ծխեց՝ ՝։ Երբ Յերոբովամ խունկ ծխելու համար սեղանին քով կը կենար, ահա Աստուծոյ մարդ մը Տէրոջը խօսքովը Յուդայէն Բեթէլ եկաւ։ Տէրոջը խօսքովը սեղանին դարձաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ սեղան, ո՛վ սեղան, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա Դաւիթին տանը որդի մը պիտի ծնանի Յովսիա անունով եւ քու վրադ խունկ ծխող բարձր տեղերուն քուրմերը քու վրադ պիտի զոհէ ու քու վրադ մարդոց ոսկորները պիտի այրեն’»։ Նոյն օրը նշան մը տալով՝ ըսաւ. «Տէրոջը խօսելուն նշանը այս է. ‘Ահա սեղանը պիտի ճեղքուի ու վրայի մոխիրը պիտի թափի’»։ Երբ թագաւորը Աստուծոյ մարդուն Բեթէլի մէջ սեղանին համար ըսուած խօսքը լսեց, Յերոբովամ սեղանին վրայէն ձեռքը երկնցուց ու ըսաւ. «Այս մարդը բռնեցէ՛ք» եւ անոր վրայ երկնցուցած ձեռքը չորցաւ ու զանիկա չկրցաւ ետ քաշել։ Աստուծոյ մարդուն Տէրոջը խօսքովը տուած նշանին պէս՝ սեղանը ճեղքուեցաւ ու մոխիրը սեղանէն թափուեցաւ։ Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծոյդ աղաչէ՛ ու ինծի համար աղօթք ըրէ՛, որ ձեռքս ինծի դառնայ»։ Այն ատեն Աստուծոյ մարդը Տէրոջը աղաչեց եւ թագաւորին ձեռքը իրեն դարձաւ ու առաջուան պէս եղաւ։ Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Ինծի հետ տուն եկուր եւ քիչ մը կերակուր կե՛ր՝ ՝ ու քեզի պարգեւ տամ»։ Աստուծոյ մարդը թագաւորին ըսաւ. «Եթէ ինծի քու տանդ կէսն ալ տաս, քեզի հետ պիտի չգամ ու այստեղ հաց պիտի չուտեմ, ո՛չ ալ ջուր պիտի խմեմ, Վասն զի Տէրը իր խօսքովը ինծի այսպէս պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Հաց չուտես ու ջուր չխմես ու գացած ճամբայէդ չդառնաս’»։ Ուստի անիկա ուրիշ ճամբով գնաց ու Բեթէլ եկած ճամբովը չդարձաւ։ Բեթէլի մէջ ծեր մարգարէ մը կը բնակէր։ Անոր որդիները եկան ու Աստուծոյ մարդուն նոյն օրը Բեթէլի մէջ բոլոր ըրած գործերը անոր պատմեցին եւ անիկա թագաւորին ինչ խօսքեր որ ըսեր էր՝ զանոնք ալ իրենց հօրը յայտնեցին։ Անոնց հայրը անոնց ըսաւ. «Ո՞ր ճամբայէն գնաց»։ Անոր որդիները Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդուն գացած ճամբան տեսեր էին՝ ՝։ Իր որդիներուն ըսաւ. «Էշը պատրաստեցէ՛ք ինծի»։ Անոնք անոր համար էշը պատրաստեցին։ Անիկա վրան հեծաւ Եւ Աստուծոյ մարդուն ետեւէն գնաց ու զանիկա բեւեկնիի մը տակ նստած գտաւ ու անոր ըսաւ. «Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդը դո՞ւն ես»։ Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Ծերը անոր ըսաւ. «Ինծի հետ տուն եկո՛ւր ու հաց կե՛ր»։ Մարդը ըսաւ. «Քեզի հետ չեմ կրնար դառնալ ու քու տունդ մտնել, ո՛չ ալ այստեղ քեզի հետ հաց պիտի ուտեմ, ջուր ալ պիտի չխմեմ Վասն զի Տէրոջը խօսքովը ինծի ըսուեցաւ. ‘Հոն հաց չուտես, ջուր ալ չխմես ու գացած ճամբայէդ չդառնաս’»։ Բայց ծերը ըսաւ անոր. «Ես ալ քեզի պէս մարգարէ եմ ու հրեշտակ մը ինծի հետ Տէրոջը խօսքովը խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա քեզի հետ քու տունդ դարձո՛ւր, որպէս զի հաց ուտէ ու ջուր խմէ’». Սակայն սուտ խօսեցաւ։ Այն ատեն Աստուծոյ մարդը անոր հետ դարձաւ եւ անոր տունը հաց կերաւ ու ջուր խմեց։ Երբ անոնք սեղան նստեր էին, Տէրոջը խօսքը ծեր մարգարէին եղաւ Ու անիկա Յուդայէն եկող Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն Տէրոջը խօսքին անհնազանդութիւն ըրիր ու քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած պատուէրը չպահեցիր Եւ դարձար ու հաց կերար ու ջուր խմեցիր այնտեղը որու համար քեզի ըսած էի, որ հաց չուտես ու ջուր չխմես, քու մեռելդ քու հայրերուդ գերեզմանը պիտի չմտնէ’»։ Հաց ուտելէն ու ջուր խմելէն ետքը ծերը իր հետ դարձուցած մարգարէին էշը պատրաստեց. Ան ալ գնաց ու ճամբուն մէջ առիւծ մը գտաւ զանիկա ու մեռցուց։ Անոր մեռելը ճամբուն վրայ փռուած մնաց ու էշը անոր քով կեցեր էր։ Առիւծն ալ անոր քով կեցեր էր։ Ահա անկէ քանի մը մարդիկ անցնելով՝ ճամբուն վրայ փռուած մեռելը ու մեռելին քով կեցող առիւծը տեսան ու գացին այն ծեր մարգարէին քաղաքը պատմեցին։ Ծեր մարգարէն, որ սպաննուած մարդը ճամբայէն դարձուցած էր, երբ լսեց՝ ըսաւ. «Անիկա Տէրոջը խօսքին անհնազանդութիւն ընող Աստուծոյ մարդն է ու Տէրը զանիկա առիւծին տուեր է որ զանիկա պատառելով մեռցուցեր է, Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ»։ Եւ իր որդիներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ինծի համար էշը պատրաստեցէ՛ք»։ Անոնք պատրաստեցին։ Գնաց անոր մեռելը գտաւ, որ ճամբուն վրայ փռուած էր ու էշը եւ առիւծը մեռելին քով կեցեր էին։ Առիւծը մեռելը կերած չէր, ո՛չ ալ էշը պատառեր էր։ Ծեր մարգարէն Աստուծոյ մարդուն մեռելը վերցուց ու զանիկա իշուն վրայ դրաւ ու զանիկա դարձուց։ Ծեր մարգարէն քաղաքը մտաւ, որպէս զի ողբ ընէ ու զանիկա թաղէ։ Անոր մեռելը իր գերեզմանին մէջ դրաւ՝ «Վա՜յ, եղբայր», ըսելով ու անոր վրայ ողբ ըրին։ Զանիկա թաղելէն ետքը իր որդիներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երբ ես մեռնիմ, զիս Աստուծոյ մարդուն թաղուած գերեզմանին մէջ թաղեցէ՛ք, իմ ոսկորներս անոր ոսկորներուն քով դրէք. Վասն զի Բեթէլի մէջ եղող սեղանին համար ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ եղող բոլոր բարձր տեղերու կռատուններուն համար անոր Տէրոջը կողմէ ըսուած խօսքը անպատճառ պիտի կատարուի»։ Այս բանէն յետոյ Յերոբովամ իր չար ճամբայէն չդարձաւ եւ նորէն ժողովուրդին ցած մարդոցմէն բարձր տեղերուն քուրմեր կը նշանակէր։ Ամէն ուզողը կ’օրհնէր, որպէս բարձր տեղերուն քուրմը։ Այս բանը Յերոբովամին տանը մեղքի պատճառ, նաեւ անոր երկրի երեսէն կորսուելուն ու բնաջինջ ըլլալուն պատճառը եղաւ։ Այն ատեն Յերոբովամի որդին Աբիան հիւանդացաւ։ Ու Յերոբովամ իր կնոջ ըսաւ. «Ելի՛ր, կերպարանքդ փոխէ՛, այնպէս որ Յերոբովամին կինը ըլլալդ չգիտցուի ու Սելով գնա՛։ Աքիա մարգարէն հոն է, անիկա էր որ ինծի համար ըսաւ թէ այս ժողովուրդին վրայ թագաւոր պիտի ըլամ։ Ձեռքդ տասը հաց եւ բլիթներ ու մէկ սափոր մեղր ա՛ռ ու անոր գնա՛։ Անիկա քեզի պիտի յայտնէ ինչ որ տղուն պիտի պատահի»։ Յերոբովամին կինը այնպէս ըրաւ ու ելաւ Սելով գնաց, Աքիային տունը մտաւ։ Աքիային աչքերը ծերութենէն տկարացեր էին ու չէր կրնար տեսնել։ Եւ Տէրը Աքիային ըսաւ. «Ահա Յերոբովամին կինը իր տղուն համար քեզի հարցնելու կու գայ, վասն զի անիկա հիւանդ է։ Անոր այսպէս ու այսպէս ըսէ։ Անիկա գալու ատենը անծանօթ կերպարանքով պիտի գայ »։ Երբ կինը դռնէն ներս կը մտնէր, Աքիա անոր ոտքերուն ձայնը լսածին պէս ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամի կին, եկո՛ւր. դուն ինչի այդպիսի անծանօթ կերպարանք առեր ես. բայց ես քեզի տխուր լուր մը տալու ղրկուեցայ։ Գնա՛, Յերոբովամին ըսէ. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ ժողովուրդի մէջէն բարձրացուցի ու քեզ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան ըրի Եւ թագաւորութիւնը Դաւիթին տունէն պատռեցի ու զանիկա քեզի տուի, բայց դուն իմ պատուիրանքներս պահող ու իմ առջեւս ուղղութիւն ընելու համար իր բոլոր սրտովը ինծի հնազանդ եղող՝ ՝ իմ Դաւիթ ծառայիս պէս չեղար. Մանաւանդ բոլոր քեզմէ առաջ եղողներէն աւելի չարութիւն ըրիր ու զիս բարկացնելու համար գացիր քեզի ուիրշ աստուածներ ու ձուլածոյ կուռքեր շինեցիր ու զիս ետիդ նետեցիր։ Ասոր համար ահա Յերոբովամին տանը վրայ չարիք պիտի բերեմ ու Յերոբովամին բոլոր այր մարդիկը ու նաեւ Իսրայէլի մէջ գտնուող գերին ու ազատը պիտի կոտորեմ եւ Յերոբովամին տունը պիտի աւլեմ՝ ինչպէս աղբը կ’աւլեն, մինչեւ որ հատնի։ Յերոբովամէն քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտի մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն, քանզի Տէրը խօսեցաւ»’։ Եւ դուն ելի՛ր, քու տունդ գնա՛։ Երբ քու ոտքերդ քաղաք մտնեն, տղան պիտի մեռնի Ու բոլոր Իսրայէլ ողբալով զանիկա պիտի թաղեն, վասն զի Յերոբովամէն միայն անիկա գերեզման պիտի մտնէ. որովհետեւ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն առջեւ Յերոբովամի տանը մէջ բարի բան մը միայն անոր վրայ գտնուեցաւ։ Տէրը իրեն համար Իսրայէլի վրայ թագաւոր մը պիտի հանէ, որ նոյն օրը՝ ՝ Յերոբովամին տունը ու ի՛նչ որ մնայ պիտի կոտորէ։ Եւ Տէրը ջուրերու մէջ եղող շարժուն եղէգի պէս Իսրայէլը արմատէն պիտի խլէ այս բարի երկրի երեսէն, որ անոնց հայրերուն տուեր էր ու զանոնք Գետին անդիի կողմը պիտի ցրուէ, որովհետեւ Տէրը բարկացնելով՝ իրենց Աստարովթի կուռքեր՝ ՝ շինեցին Եւ Իսրայէլը երեսէ պիտի ձգէ, Յերոբովամին ըրած մեղքերուն համար ու Իսրայէլին ալ մեղանչել տալու համար»։ Այն ատեն Յերոբովամին կինը ելաւ գնաց ու Թերսա մտաւ։ Ան տանը դռնէն ներս մտածին պէս՝ տղան մեռաւ։ Զանիկա թաղեցին ու բոլոր Իսրայէլ անոր վրայ ողբաց Տէրոջը խօսքին համար, որ իր ծառային Աքիա մարգարէին միջոցով խօսեր էր։ Ու Յերոբովամին մնացորդ պատմութիւնը՝ թէ ի՛նչպէս պատերազմ ըրաւ եւ թէ ի՛նչպէս թագաւորեց, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ Յերոբովամին թագաւորութիւն ըրած օրերը քսանըերկու տարի եղան ու իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անոր տեղ անոր որդին Նադաբ թագաւոր եղաւ։ Սողոմոնին որդին Ռոբովամ Յուդայի մէջ թագաւորեց։ Ռոբովամ քառասունըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ եւ տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ, որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրեց իր անունը հոն դնելու համար։ Անոր մայրը Ամմոնացի էր, Նաամա անունով։ Յուդայեաններն ալ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու իրենց ըրած մեղքերովը իրենց հայրերուն բոլոր ըրածէն աւելի զանիկա բարկացուցին։ Անոնք ալ բոլոր բարձր բլուրներուն վրայ ու կանանչ ծառերուն տակ բարձր տեղեր ու արձաններ եւ Աստարովթի կուռքեր շինեցին Ու երկրի մէջ Սոդոմական մեղք գործողներ ալ կային, որոնք Տէրոջը՝ Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն բոլոր գարշելի բաներուն նման կ’ընէին։ Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ։ Տէրոջը տանը գանձերը ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ. բոլորն ալ առաւ. Սողոմոնին շինած բոլոր ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ։ Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակներուն ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց։ Երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար՝ սուրհանդակները զանոնք կը կրէին ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին։ Ռոբովամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ Ռոբովամին եւ Յերոբովամին մէջտեղ միշտ պատերազմ կար։ Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր մայրը Ամմոնացի էր, Նաամա անունով։ Անոր տեղ իր որդին Աբիա թագաւոր եղաւ։ Նաբատեան Յերոբովամին թագաւորութեան տասնըութերորդ տարին՝ Աբիա Յուդայի վրայ թագաւորեց։ Անիկա Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Մաաքա էր, որ Աբիսողոմին աղջիկն էր։ Անիկա իրմէ առաջ իր հօրը ըրած բոլոր մեղքերուն հետեւեցաւ ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթին սրտին պէս կատարեալ չէր։ Բայց Դաւիթին սիրոյն համար անոր Տէր Աստուածը Երուսաղէմի մէջ անոր ճրագ մը տուաւ, անկէ ետքը անոր որդին նստեցնելով ու Երուսաղէմը հաստատելով, Որովհետեւ Դաւիթ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ բնաւ անոր պատուիրանքներէն չխոտորեցաւ՝ Քետացի Ուրիային խնդրէն զատ։ Ռոբովամին ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար՝ անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։ Աբիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր ըրածը ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներուն գրքին մէջ գրուած է։ Աբիային ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար։ Աբիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ասա թագաւոր եղաւ։ Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսաներորդ տարին Ասա Յուդայի վրայ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ քառասունըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Մաաքա էր, որ Աբիսողոմին աղջիկն էր։ Ասա իր հօրը Դաւիթին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւնը ըրաւ։ Սոդոմական մեղք գործողները երկրէն վերցուց եւ իր հայրերուն շինած բոլոր կուռքերը բնաջինջ ըրաւ։ Իր մայրը Մաաքան տիկնութենէ հանեց, քանզի անիկա Աստարովթի կուռք մը շիներ էր։ Ասա անոր կուռքը կոտրտեց ու Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց։ Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան, սակայն Ասային սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը հետ կատարեալ էր։ Իր հօրը նուիրած բաներն ու իր նուիրած բաները՝ արծաթն ու ոսկին ու անօթները Տէրոջը տունը տարաւ։ Ասային ու Իսրայէլին Բաասա թագաւորին մէջտեղ, անոնց բոլոր օրերուն մէջ, պատերազմ կար։ Իսրայէլի թագաւորը Բաասա Յուդային դէմ ելաւ եւ Ռաման շինեց, որպէս զի Յուդայի Ասա թագաւորին դէմ ելլող մտնող մարդ մը չթողու։ Ուստի Ասա Տէրոջը տանը գանձերուն մէջ ու թագաւորական տանը գանձերուն մէջ մնացած բոլոր արծաթն ու ոսկին առաւ եւ իր ծառաներուն ձեռքը տուաւ ու Ասա թագաւորը Դամասկոս բնակող Ասորիներուն թագաւորին, Էզիոնի որդիին Տաբրեմոնի որդիին Բենադադին ղրկեց զանոնք ու ըսաւ. «Իմ ու քու մէջտեղ եւ իմ հօրս ու քու հօրդ մէջտեղ դաշնակցութիւն կայ։ Ահա քեզի արծաթ ու ոսկի ընծայ ղրկեցի. աղէ՜, Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ ունեցած դաշնակցութիւնդ աւրէ՛, որպէս զի անիկա իմ վրայէս ետ քաշուի»։ Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքին մտիկ ըրաւ, իր զօրքերուն իշխանները Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ ղրկեց ու Իյօնը, Դանը, Աբէլ-Բեթմաաքան ու բոլոր Քեներեթն ու բոլոր Նեփթաղիմի երկիրը զարկաւ։ Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ ու Թերսայի մէջ նստաւ։ Այն ատեն Ասա թագաւորը բոլոր Յուդայի մարդիկը կանչեց առանց մէկը ձգելու, որոնք Բաասային շինած Ռամային քարերն ու փայտերը վերցուցին եւ Ասա թագաւորը անոնցմով Բենիամինի Գաբան ու Մասփան շինեց։ Ասային բոլոր մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր զօրութիւնն ու բոլոր ըրածը եւ անոր շինած քաղաքները ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են. բայց անիկա իր ծերութեան ատենը ոտքերու ցաւ ունէր։ Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովսափատ թագաւոր եղաւ։ Յուդայի Ասա թագաւորին երկրորդ տարին Յերոբովամին որդին Նադաբ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ։ Անիկա Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր հօրը ճամբուն մէջ քալեց ու անոր ըրած մեղքին մէջ՝ որով Իսրայէլին մեղանչել տուաւ։ Իսաքարին տունէն Աքիային որդին Բաասան անոր դէմ գլուխ վերցուց։ Բաասան զանիկա Փղշտացիներուն Գաբաթոնին քով զարկաւ, երբ Նադաբ բոլոր Իսրայէլի հետ Գաբաթոնը պաշարեր էր։ Յուդայի Ասա թագաւորին երրորդ տարին Բաասան մեռցուց զանիկա ու անոր տեղ թագաւոր եղաւ։ Եւ ինք թագաւոր եղածին պէս Յերոբովամին բոլոր տունը զարկաւ ու Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ իր ծառային Սիլօնացի Աքիա մարգարէին միջոցով խօսեր էր՝ Յերոբովամէն ո՛չ մէկ շնչաւոր ողջ թողուց ու անոնք բնաջինջ ըրաւ Յերոբովամին մեղքերուն համար՝ որոնցմով մեղանչեր էր ու Իսրայէլին մեղանչել տուեր էր՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացնելով։ Նադաբին մնացորդ պատմութիւնը ու անոր բոլոր ըրածը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Ասային ու Իսրայէլի Բաասա թագաւորին մէջտեղ, անոնց բոլոր օրերուն մէջ, պատերազմ կար։ Յուդայի Ասա թագաւորին երրորդ տարին Աքիային որդին Բաասան Թերսայի մէջ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու քսանըչորս տարի թագաւորութիւն ըրաւ ։ Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Յերոբովամին ճամբուն մէջ քալեց եւ անոր մեղքի մէջ՝ որով անիկա Իսրայէլին մեղանչել տուեր էր։ Բաասային համար Տէրոջը խօսքը Անանիին որդիին Յէուին եղաւ՝ ըսելով. «Թէեւ քեզ փոշիէն բարձրացուցի ու քեզ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին վրայ իշխան դրի, բայց դուն Յերոբովամին ճամբան գացիր ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին մեղանչել տուիր ու անոնց մեղքերովը զիս բարկացուցիր. Ուստի ահա ես Բաասան ու անոր տունը՝ ՝ բնաջինջ պիտի ընեմ եւ քու տունդ Նաբատեան Յերոբովամին տանը պէս պիտի ընեմ։ Բաասայէն քաղաքի մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտի մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն»։ Բաասային մնացորդ պատմութիւնը ու անոր ըրածն ու զօրութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Բաասան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Թերսայի մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Էլա թագաւոր եղաւ։ Նաեւ Անանիին որդիին Յէու մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ Բաասային ու անոր տանը վրայ այն ամէն չարիքներուն համար, որոնք ինք Տէրոջը առջեւ ըրած էր, իր ձեռքերուն գործովը զանիկա բարկացնելով ու Յերոբովամին տանը պէս ըլլալով, նաեւ զանիկա մեռցնելուն համար։ Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըվեցերորդ տարին Բաասային որդին Էլա Թերսայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ ։ Անիկա երբ Թերսայի տանը հազարապետին Արսային տունը խմեր ու գինովցեր էր, անոր ծառան Զամբրին, որ անոր կառքերուն կէսին վրայ իշխան էր, անոր դէմ գլուխ վերցուց։ Զամբրին ներս մտնելով՝ զանիկա զարկաւ մեռցուց եւ անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ՝ Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին։ Երբ թագաւոր եղաւ ու իր աթոռը նստաւ, իսկոյն Բաասային բոլոր տունը թէ՛ անոր ազգականները եւ թէ՛ բարեկամները, մեռցուց ու մէ՛կ այր մարդ ողջ չթողուց։ Ու Զամբրի Բաասային բոլոր տունը բնաջինջ ըրաւ, Բաասային վրայով Յէու մարգարէին միջոցովը Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ, Բաասային բոլոր մեղքերուն համար ու անոր որդիին Էլային մեղքերուն համար, որոնցմով իրենք մեղանչեցին եւ Իսրայէլին մեղանչել տուին ու իրենց սնապաշտութիւններովը Իսրայէլին Տէր Աստուածը բարկացուցին։ Էլային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր ըրածը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Յուդայի Ասա թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին Զամբրին Թերսայի մէջ եօթը օր թագաւորութիւն ըրաւ. բայց ժողովուրդը Փղշտացիներուն Գաբաթոնին դէմ բանակեր էր։ Բանակին մէջ եղող ժողովուրդը լսելով որ Զամբրին գլուխ վերցուցեր է ու թագաւորը մեռցուցեր է, նոյն օրը բոլոր Իսրայէլ՝ բանակին մէջ Ամրի զօրավարը Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըրին։ Եւ Ամրի ու անոր հետ եղող բոլոր Իսրայէլ Գաբաթոնէն ելան ու Թերսան պաշարեցին։ Ու երբ Զամբրին քաղաքին առնուիլը տեսաւ թագաւորական տանը ներսի կողմը՝ ՝ մտաւ եւ իր վրայ թագաւորական տունը կրակով այրեց ու մեռաւ։ Իր գործած մեղքերուն համար, որոնցմով Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու քալեց Յերոբովամին ճամբուն մէջ ու անոր ըրած մեղքին մէջ, որով անիկա Իսրայէլին մեղանչել տուեր էր։ Եւ Զամբրիին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ըրած դաւաճանութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ Այն ատեն Իսրայէլի ժողովուրդը երկուքի բաժնուեցաւ։ Ժողովուրդին կէսը Գինաթի որդիին Թաբնիին ետեւէն գնաց, որպէս զի զանիկա թագաւոր ընեն ու կէսն ալ Ամրիին ետեւէն գնաց։ Ամրիին ետեւէն գացող ժողովուրդը Գինաթեան Թաբնիին ետեւէն գացող ժողովուրդէն զօրաւոր գտնուեցաւ։ Թաբնին մեռաւ եւ Ամրին թագաւոր եղաւ։ Յուդայի Ասա թագաւորին երեսունըմէկերորդ տարին Ամրի Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու տասներկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ ։ Վեց տարի Թերսայի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ Սամերէն երկու տաղանդ արծաթով Սամարիայի լեռը ծախու առաւ ու լերան վրայ քաղաք մը շինեց եւ շինած քաղաքին անունը այն լերանը տիրոջը Սամերին անունով Սամարիա կոչեց։ Ամրին Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ եւ բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի չար եղաւ. Քանզի անիկա Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր ճամբուն մէջ քալեց ու անոր մեղքին մէջ, որով Իսրայէլին մեղանչել տուաւ, այնպէս որ իրենց սնապաշտութիւններովը Իսրայէլին Տէր Աստուածը բարկացուցին։ Ամրիին ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ունեցած զօրութիւնը՝ ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Եւ Ամրի իր հայրերուն հետ քնացաւ ու Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Աքաաբ թագաւոր եղաւ։ Եւ Ամրիին որդին Աքաաբ Յուդայի Ասա թագաւորին երեսունըութերորդ տարին Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ։ Ամրիին որդին Աքաաբ Իսրայէլի վրայ Սամարիայի մէջ քսանըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Ամրիին որդին Աքաաբ բոլոր իրմէ առաջ եղողներէն աւելի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն մէջ քալելը անոր առջեւ ոչինչ բան մը սեպուելով, Սիդոնացիներուն Եթբաաղ թագաւորին աղջիկը Յեզաբէլը կնութեան առաւ եւ գնաց Բահաղին ծառայութիւն ըրաւ ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ։ Սամարիայի մէջ՝ իր շինած Բահաղի տանը մէջ Բահաղի սեղան մը կանգնեցուց։ Աքաաբ Աստարովթի կուռք մը շինեց եւ Աքաաբ իր ըրած գործերովը իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի բոլոր թագաւորներէն աւելի Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացուց։ Անոր օրերը Բեթելացի Յիէլ Երիքովը շինեց ու իր անդրանիկ տղուն Աբիրոնովի գնով անոր հիմը դրաւ եւ իր պզտիկ տղուն Սեգուրովի գնով անոր դռները կանգնեցուց՝ Նաւեան Յեսուին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ։ Գաղաադի բնակիչ Թեզբացի Եղիան Աքաաբին ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այս տարիներուն մէջ ցօղ ու անձրեւ պիտի չգայ առանց իմ խօսքիս»։ Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Ասկէ գնա՛ ու դէպի արեւելք դառնալով՝ Յորդանանի առջեւ եղող Քերիթ հեղեղատին քով պահուէ՛։ Դուն այն հեղեղատէն ջուր պիտի խմես ու ագռաւներուն հրամայեր եմ որ հոն քեզ կերակրեն»։ Անիկա գնաց ու Տէրոջը ըսածին պէս ըրաւ ու գնաց Յորդանանի առջեւ եղող Քերիթ հեղեղատին քով նստաւ։ Ագռաւները առտուն անոր հաց ու միս ու իրիկունն ալ հաց ու միս կը բերէին ու անիկա հեղեղատէն ջուր կը խմէր։ Ժամանակ մը ետքը հեղեղատը ցամքեցաւ, վասն զի երկրին վրայ անձրեւ չեկաւ։ Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր, Սիդոնացիներու Սարեփթան գնա ու հոն նստէ՛։ Ահա հոն որբեւարի կնոջ մը հրամայեր եմ, որ քեզ կերակրէ»։ Անիկա ելաւ Սարեփթա գնաց ու քաղաքին դուռը հասնելով՝ տեսաւ որ որբեւարի կին մը փայտ կը հաւաքէր։ Զանիկա կանչեց ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ինծի ամանով քիչ մը ջուր բեր, որպէս զի խմեմ»։ Երբ անիկա բերելու գնաց, Եղիա անոր ետեւէն կանչեց ու ըսաւ. «Ձեռքդ պատառ մըն ալ հաց ա՛ռ ու ինծի բե՛ր»։ Կինը ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է, որ նկանակ չունիմ, բայց միայն կարասին մէջ մէկ բուռի չափ ալիւր կայ ու կուժին մէջ ալ քիչ մը իւղ կայ։ Ահա երկու կտոր փայտ կը հաւաքեմ, որպէս զի երթամ զանիկա ինծի ու իմ տղուս համար եփեմ եւ ուտենք ու ետքը մեռնինք»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, գնա՛ ըսածիդ պէս ըրէ. բայց անկէ նախ ինծի համար պզտիկ շօթ մը շինէ՛ ու ինծի բե՛ր եւ քեզի ու քու տղուդ համար ետքը շինէ, Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Կարասէն ալիւրը պիտի չհատնի ու կուժէն իւղը պիտի չպակսի՝ մինչեւ այն օրը, երբ Տէրը երկրի վրայ անձրեւ տայ’»։ Կինը գնաց ու Եղիային ըսածին պէս ըրաւ ու անիկա եւ ինք ու իր ընտանիքը երկար ատեն կերան։ Կարասէն ալիւրը չհատաւ ու կուժէն իւղը չպակսեցաւ, Տէրոջը՝ Եղիային միջոցով ըսած խօսքին համեմատ։ Այս բաներէն ետքը տանը տիկնոջ տղան հիւանդացաւ։ Անոր հիւանդութիւնը շատ ծանր էր, այնպէս որ անոր վրայ շունչ չմնաց։ Կինը Եղիային ըսաւ. «Մա՛րդ Աստուծոյ, ինծի հետ ի՞նչ ունիս. միթէ իմ մեղքս յիշեցնելո՞ւ ու իմ տղաս մեռցնելո՞ւ համար ինծի եկար»։ Անիկա ըսաւ. «Տղադ ինծի տուր»։ Զանիկա անոր ծոցէն առաւ եւ իր բնակած վերնատունը հանեց ու զանիկա իր անկողնին մէջ պառկեցուց։ Ապա Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, իրաւցընէ այս որբեւարի կի՞նն ալ, որուն քով ես պանդխտութեամբ կը բնակիմ, չարչարեցիր՝ անոր տղան մեռցնելով»։ Տղուն վրայ երեք անգամ երկննալով ու Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, կ’աղաչեմ այս տղուն հոգին իր մարմնին թող դառնայ»։ Տէրը Եղիային ձայնը լսեց ու տղուն հոգին իր մարմնին դարձաւ եւ անիկա կենդանացաւ։ Եղիան տղան առաւ ու զանիկա վերնատունէն իջեցուց եւ անոր մօրը տուաւ։ Եղիա ըսաւ. «Նայէ՛, տղադ կենդանի է»։ Կինը Եղիային ըսաւ. «Հիմա գիտցայ թէ դուն Աստուծոյ մարդն ես ու քու բերնիդ մէջ Տէրոջը խօսքը ճշմարիտ է»։ Շատ օրեր անցնելէն ետքը՝ Տէրոջը խօսքը երրորդ տարուան մէջ Եղիային եղաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, Աքաաբին երեւցի՛ր ու երկրի վրայ անձրեւ պիտի տամ»։ Եղիա Աքաաբին երեւնալու գնաց։ Սամարիայի մէջ սաստիկ սով կար։ Աքաաբ իր տանը տնտեսը Աբդիան կանչեց. (Աբդիան Տէրոջմէն շատ կը վախնար Ու երբ Յեզաբէլ Տէրոջը մարգարէները ջարդեց, Աբդիա հարիւր մարգարէ առաւ ու զանոնք, յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեց ու զանոնք հացով ու ջրով կերակրեց։) Եւ Աքաաբ ըսաւ Աբդիային. «Եկո՛ւր, այս երկրին մէջ եղած բոլոր ջուրի աղբիւրներուն ու բոլոր հեղեղատներուն քովերը պտըտինք. կարելի է խոտ գտնենք եւ ձիերն ու ջորիները ապրեցնենք ու բոլոր անասունները չկորսնցնենք»։ Անոնք երկիրը իրենց մէջ բաժնեցին պտըտելու համար. Աքաաբ մէկ ճամբայէ մինակ գնաց ու Աբդիա ուրիշ ճամբայէ մինակ գնաց։ Երբ Աբդիա ճամբուն մէջ էր, ահա Եղիան անոր դէմ ելաւ։ Աբդիա զանիկա ճանչցածին պէս իր երեսին վրայ ինկաւ ու ըսաւ. «Արդեօք իմ տէրս՝ Եղիան՝ դո՞ւն ես»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Ես եմ. գնա՛ քու տիրոջդ ըսէ, թէ ‘Ահա Եղիան կու գայ ’»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ի՞նչ մեղք գործեր եմ, որ դուն քու ծառադ Աքաաբին ձեռքը կը մատնես, որպէս զի զիս մեռցնէ։ Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է, որ ազգ մը կամ թագաւորութիւն մը չմնաց, ուր իմ տէրս քեզ փնտռելու համար մարդ ղրկած չըլլայ ու երբ ‘Չկայ’ ըսին, այն թագաւորութեան կամ այն ազգին երդում ընել տուաւ՝ որ քեզ գտած չեն։ Եւ հիմա դուն կ’ըսես. ‘Գնա՛ քու տիրոջդ ըսէ թէ «Ահա Եղիան կու գայ »’ Ու կրնայ ըլլալ, որ քու քովէդ երթալէս ետքը՝ Տէրոջը Հոգին քեզ անծանօթ տեղ մը փոխադրէ ու ես գացած Աքաաբին պատմած ըլլալով, երբ քեզ չգտնէ, զիս պիտի մեռցնէ, թէեւ ես՝ քու ծառադ՝ տղայութենէս ի վեր Տէրոջմէ կը վախնամ։ Իմ ըրածս իմ տիրոջս չպատմուեցա՞ւ, թէ երբ Յեզաբէլ Տէրոջը մարգարէները սպաննեց, ես Տէրոջը մարգարէներէն հարիւր մարդ, յիսուն յիսուն, քարայրներու մէջ պահեցի ու զանոնք հացով ու ջրով կերակրեցի։ Եւ հիմա դուն կ’ըսես՝ ‘Գնա՛ ու տիրոջդ ըսէ՛, թէ «Ահա Եղիան կու գայ »’ ու անիկա զիս պիտի մեռցնէ»։ Ու Եղիա ըսաւ. «Զօրութեան Տէրը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այսօր անոր պիտի երեւնամ»։ Աբդիա Աքաաբին առջեւ ելաւ ու անոր պատմեց։ Աքաաբ Եղիան դիմաւորելու գնաց։ Աքաաբ Եղիան տեսածին պէս՝ անոր ըսաւ. «Իսրայէլը նեղութեան մէջ ձգողը դո՞ւն ես»։ Ու Եղիան ըսաւ. «Իսրայէլը ես չնեղեցի, հապա դուն ու քու հօրդ տունը. քանզի Տէրոջը պատուիրանքները թողուցիք ու Բահաղիմին ետեւէն գացիք։ Եւ հիմա մարդ ղրկէ՛ ու բոլոր Իսրայէլը եւ Բահաղի չորս հարիւր յիսուն մարգարէներն ու Յեզաբէլին սեղանէն ուտող Աստարովթի չորս հարիւր մարգարէները Կարմեղոս լերան վրայ իմ քովս հաւաքէ՛»։ Աքաաբ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն մարդ ղրկեց ու մարգարէները Կարմեղոս լեռը հաւաքեց։ Եղիա բոլոր ժողովուրդին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Դուք մինչեւ ե՞րբ երկու մտքի վրայ պիտի կաղաք. եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք»։ Ժողովուրդը բնաւ պատասխան մը չտուաւ անոր։ Ու Եղիա ժողովուրդին ըսաւ. «Միայն ե՛ս մնացի Տէրոջը մարգարէ, իսկ Բահաղին մարգարէները չորս հարիւր յիսուն մարդիկ են։ Ուրեմն մեզի երկու զուարակ թող տրուի։ Զուարակին մէկը անոնք իրենց համար ընտրեն ու կտոր կտոր ընեն եւ զանիկա փայտերու վրայ դնեն, բայց կրակ չդնեն։ Միւս զուարակը ես պատրաստեմ ու զանիկա փայտերու վրայ դնեմ, բայց կրակ չդնեմ։ Դուք ձեր Աստուծոյն անունը կանչեցէք, ես ալ Եհովային անունը կանչեմ։ Այն Աստուածը, որ կրակով պատասխան տայ, ա՛ն է Աստուածը»։ Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տուին ու ըսին. «Այս խօսքը բարի է»։ Եղիա Բահաղին մարգարէներուն ըսաւ. «Ձեզի զուարակներէն մէկը ընտրեցէք ու առաջ դուք ըրէք, վասն զի դուք շատուոր էք ու ձեր աստուծոյն անունը կանչեցէք, բայց կրակ մի՛ դնէք »։ Անոնք իրենց տրուած զուարակը առին ու պատրաստեցին եւ առաւօտէն մինչեւ կեսօր Բահաղին անունը կանչեցին ու ըսին. «Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր». բայց ձայն չկար։ Պատասխան տուող չկար։ Անոնք իրենց շինած սեղանին քով կը ցատկռտէին։ Երբ կեսօր եղաւ, Եղիա զանոնք ծաղր ընելով ըսաւ. «Բա՛րձր ձայնով կանչեցէք, քանզի անիկա աստուած է. թերեւս խօսակցութիւն մը ունի կամ զբաղած է, կամ ճամբորդութիւն կ’ընէ, կամ թերեւս քնացած է ու պէտք է որ արթննայ»։ Անոնք բարձր ձայնով կը պոռային ու իրենց սովորութեանը պէս դանակներով ու գեղարդներով իրենց մարմինները կը կտրտէին, մինչեւ որ իրենց վրայէն արիւն սկսաւ վազել։ Երբ կէսօրը անցաւ, մինչեւ իրիկուան զոհին ատենը մարգարէութիւն ըրին ու ձայն չկար ու պատասխան տուող չկար ու մտիկ ընող չկար։ Այն ատեն Եղիա բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Ինծի մօտեցէ՛ք»։ Բոլոր ժողովուդը անոր մօտեցաւ։ Անիկա Տէրոջը փլած սեղանը նորոգեց։ Եղիա տասներկու քար առաւ Յակոբի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, որուն՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով. «Քու անունդ Իսրայէլ ըլլայ»։ Այն քարերով Տէրոջը անուանը սեղան շինեց ու սեղանին բոլորտիքը փոս մը փորեց, որ երկու գրիւի չափ հունտ կ’առնէր։ Փայտերը շարեց ու զուարակը կտոր կտոր ըրաւ եւ փայտերուն վրայ դրաւ Ու ըսաւ. «Չորս սափոր լեցուն ջուր բերէք եւ ողջակէզին վրայ ու փայտերուն վրայ թափեցէք»։ Ու ըսաւ. «Երկրորդ անգամ այնպէս ըրէք» ու երկրորդ անգամ այնպէս ըրին ու ըսաւ. «Երրորդ անգամ այնպէս ըրէք» ու երրորդ անգամ այնպէս ըրին։ Եւ ջուրը սեղանին բոլորտիքը քալեց ու փոսն ալ ջուրով լեցուեցաւ։ Եւ իրիկուան զոհ մատուցանելու ատենը Եղիա մարգարէն մօտեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եհովա Աստուած Աբրահամի, Իսահակի եւ Իսրայէլի, այսօր թող գիտցուի թէ Իսրայէլի մէջ դո՛ւն ես Աստուած ու ես քու ծառադ եմ եւ այս բոլոր բաները քու խօսքովդ ըրի։ Ինծի պատասխան տուր, ո՛վ Տէր, ինծի պատասխան տուր ու այս ժողովուրդը թող գիտնայ թէ դո՛ւն ես Աստուած, ո՛վ Տէր եւ թէ անոնց սիրտը ետ դարձնողը դո՛ւն ես»։ Այն ատեն Տէրոջմէ կրակ իջաւ եւ ողջակէզն ու փայտերը եւ քարերն ու հողը այրեց ու փոսին մէջի ջուրն ալ լափեց։ Բոլոր ժողովուրդը այս բանը տեսնելով՝ երեսի վրայ ինկան ու ըսին. «Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած»։ Ու Եղիա անոնց ըսաւ. «Բահաղին մարգարէները բռնեցէք ու անոնցմէ մարդ մը թող չազատի»։ Զանոնք բռնեցին եւ Եղիա զանոնք Կիսոն հեղեղատը իջեցուց եւ հոն զանոնք մեռցուց։ Եղիա Աքաաբին ըսաւ. «Վե՛ր ելիր, կեր ու խմէ՛, վասն զի անձրեւի ոտնաձայն՝ ՝ կայ»։ Աքաաբ ուտելու ու խմելու ելաւ։ Եղիա Կարմեղոս լեռը ելաւ ու գետինը ծռեցաւ ու երեսը ծունկերուն մէջ դրաւ Եւ իր մանչուն ըսաւ. «Հիմա ե՛լ ու ծովուն կողմը նայէ»։ Անիկա ելաւ նայեցաւ ու ըսաւ. «Բան մը չկայ»։ Եղիա եօթը անգամ՝ «Նորէն գնա՛», ըսաւ։ Ու եօթներորդ անգամին մանչը ըսաւ. «Ահա ծովէն մարդու թաթի չափ պզտիկ ամպ մը կ’ելլէ»։ Եղիան ըսաւ. «Ելի՛ր, Աքաաբին ըսէ՛՝ ‘Կառքդ լծէ՛ ու իջի՛ր, որպէս զի անձրեւի չբռնուիս’»։ Մինչեւ ասդին անդին դառնալը երկինք ամպերով սեւցաւ եւ հով կար ու սաստիկ անձրեւ եկաւ։ Աքաաբ հեծաւ, Յեզրայէլ գնաց։ Տէրոջը ձեռքը Եղիային հետ եղաւ ու անիկա իր մէջքը պնդեց ու մինչեւ Յեզրայէլին մուտքը Աքաաբին առջեւէն վազեց։ Աքաաբ Եղիային բոլոր ըրածները ու բոլոր մարգարէները սրով մեռցնելը Յեզաբէլին պատմեց։ Յեզաբէլ պատգամաւոր մը ղրկեց Եղիային՝ ըսելով. «Աստուածները այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն ինծի, եթէ վաղը այս ատեն քու անձդ անոնց մէկուն անձին տեղ չդնեմ»։ Եղիան այս բանը տեսնելով՝ ՝ ելաւ իր անձին ազատութեանը համար գնաց եւ Յուդայի Բերսաբէէն մտաւ ու իր մանչը հոն ձգեց։ Ինք անապատին մէջ մէկ օրուան ճամբայ գնաց ու գիհիի մը տակ նստաւ եւ սրտանց մեռնիլ ուզեց ու ըսաւ. «Ալ հերի՛ք է, ո՛վ Տէր, ա՛ռ իմ հոգիս, քանզի ես իմ հայրերէս լաւ չեմ»։ Գիհիին տակ պառկեցաւ քնացաւ։ Ահա հրեշտակ մը անոր դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր կեր»։ Եղիա նայեցաւ եւ ահա գլխուն քով մոխիրի տակ եփուած շօթ՝ ՝ մը ու մէկ կուժ ջուր կար։ Կերաւ խմեց ու նորէն պառկեցաւ։ Տէրոջը հրեշտակը դարձաւ երկրորդ անգամ անոր դպաւ ու անոր ըսաւ. «Ելի՛ր կե՛ր, քանզի քու երթալու ճամբադ՝ ՝ երկար է։ Անիկա ելաւ, կերաւ ու խմեց։ Այն կերակուրին ուժովը քառասուն օր ու քառասուն գիշեր գնաց ու մինչեւ Քորեբ, Աստուծոյ լեռը, հասաւ ։ Հոն քարայրը մտաւ ու գիշերը հոն մնաց։ Եւ ահա Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։ Անիկա ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ ու իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր ու լեռը Տէրոջը առջեւ կայնէ»։ Ահա Տէրը կ’անցնէր ու Տէրոջը առջեւէն լեռները քակող ու ապառաժները կոտրտող մեծ ու սաստիկ հով մը ելաւ, բայց Տէրը այն հովին մէջ չէր։ Հովին ետեւէն երկրաշարժ եղաւ, բայց Տէրը երկրաշարժին մէջ չէր։ Երկրաշարժին ետեւէն կրակ եղաւ, բայց Տէրը կրակին մէջ չէր։ Կրակին ետեւէն մեղմ ու բարակ ձայն մը կը լսուէր ։ Ու Եղիա զանիկա լսածին պէս՝ իր վերարկուովը երեսը ծածկեց ու ելաւ քարայրին բերանը կայնեցաւ։ Ահա անոր ձայն մը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եղիա, հոս ի՞նչ բան ունիս»։ Անիկա ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուծոյն համար մեծ նախանձաւորութիւն մը ունեցայ, քանզի Իսրայէլի որդիները քու ուխտդ թողուցին, քու սեղաններդ փլցուցին ու քու մարգարէներդ սրով մեռցուցին ու միայն ես մնացեր եմ եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն, որպէս զի զանիկա վերցնեն»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Գնա՛, քու ճամբադ դարձիր եւ Դամասկոսի ճամբայէն երթալով՝ Ազայէլը Ասորիներուն վրայ թագաւոր օծէ՛ Եւ Նամեսսիի որդին Յէուն Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծէ՛ ու Աբէլմաուլայէ եղող Սափատին որդին Եղիսէն քու տեղդ մարգարէ օծէ՛։ Եւ ով որ Ազայէլի սուրէն ազատի, Յէուն պիտի մեռցնէ զանիկա ու ով որ Յէուին սուրէն ազատի, Եղիսէն պիտի մեռցնէ զանիկա. Բայց ես Իսրայէլէն եօթը հազար մարդ պահեցի, այսինքն բոլոր անոնք, որ Բահաղին առջեւ ծունկ կրկնած չեն ու զանիկա բերնով պագած չեն»։ Անկէ գնաց ու Սափատին որդին Եղիսէն գտաւ, որ արտ կը վարէր՝ իր առջեւ տասներկու զոյգ եզներ ունենալով ։ Ինք տասներկրորդին հետ էր։ Եղիա անոր քովէն անցնելով՝ իր վերարկուն անոր վրայ ձգեց։ Այն ատեն Եղիսէ եզները թողուց ու Եղիային ետեւէն վազեց ու ըսաւ. «Հրաման տուր, որ երթամ հայրս ու մայրս համբուրեմ ու քու ետեւէդ գամ»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Գնա՛, ե՛տ դարձիր, քանզի ես քեզի ի՞նչ ըրի»։ Եղիսէն անոր քովէն դարձաւ ու եզներուն մէկ զոյգը բռնեց մորթեց ու եզներուն գործիքներովը անոնց միսը եփեց եւ ժողովուրդին տուաւ, որ ուտեն եւ ինք Եղիային ետեւէն գնաց ու անոր ծառայութիւն կ’ընէր։ Ասորիներուն Բենադադ թագաւորը իր բոլոր զօրքերը հաւաքեց։ Իրեն հետ երեսունըերկու թագաւոր կար։ Ձիերով ու կառքերով ելաւ Սամարիան պաշարեց եւ անոր հետ պատերազմ ըրաւ։ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց Եւ անոր ըսաւ. «Բենադադ այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու արծաթդ ու ոսկիդ իմս է ու քու կիներդ ու գեղեցիկ որդիներդ իմս են’»։ Եւ Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, քու ըսածիդ պէս ես ալ քուկդ եմ ու իմ ամէն ունեցածս ալ»։ Դեսպանները նորէն եկան ու ըսին. «Բենադադ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի մարդ ղրկեցի ու ըսի որ քու արծաթդ, քու ոսկիդ, քու կիներդ ու քու որդիներդ ինծի տաս. Բայց վաղը այս ատեն իմ ծառաներս քեզի պիտի ղրկեմ եւ քու տունդ ու քու ծառաներուդ տուները աղէկ մը աչքէ պիտի անցընէն եւ քու աչքերուդ առջեւ պատուական սեպուած բոլոր բաները ձեռքովնին պիտի առնեն’»։ Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը երկրին բոլոր ծերերը կանչեց ու ըսաւ. «Հիմա գիտցէ՛ք ու տեսէ՛ք, որ ասիկա չարութիւն կ’ուզէ ընել. վասն զի իմ կիներուս ու որդիներուս ու արծաթիս ու ոսկիիս համար ինծի մարդ ղրկեց ու ես անոր ‘Ոչ’ չըսի»։ Բոլոր ծերերն ու բոլոր ժողովուրդը անոր ըսին. «Ականջ մի՛ դներ ու յանձնառու մի՛ ըլլար»։ Ան ալ Բենադադին դեսպաններուն ըսաւ. «Իմ թագաւոր տիրոջս ըսէք. ‘Առաջին անգամին քու ծառայիդ ինչ հրաման որ ղրկեցիր՝ զանիկա պիտի ընեմ, բայց այս անգամուանը չեմ կրնար ընել’»։ Դեսպանները գացին եւ այս պատասխանը տարին Բենադադին։ Բենադադ մարդ ղրկեց անոր ու ըսաւ. «Աստուածները ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընեն, եթէ Սամարիայի հողը իմ ետեւէս եկող բոլոր զօրքերուս բաւականանայ»։ Իսրայէլի թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. « Անոր այսպէս ըսէ՛ք. ‘ Իր զէնքը մէջքը կապողը զանիկա մէջքէն հանողի պէս չպարծի’» Ու Բենադադ իրեն հետ եկող թագաւորներուն հետ վրաններու մէջ կը խմէր։ Այս խօսքը լսածին պէս իր ծառաներուն ըսաւ. « Պատերազմի շարուեցէ՛ք»։ Քաղաքին դէմ պատերազմի շարուեցան։ Ահա մարգարէ մը Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին մօտեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Բոլոր այս մեծ բազմութիւնը տեսա՞ր. ահա ես այսօր զանիկա քու ձեռքդ պիտի տամ, որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը’»։ Աքաաբ ըսաւ. «Որո՞ւն ձեռքով»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Գաւառներու իշխաններուն մանչերուն ձեռքով’»։ Եւ ըսաւ. «Պատերազմը ո՞վ սկսի»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն»։ Եւ գաւառներու իշխաններուն մանչերը համրեց ու երկու հարիւր երեսունըերկու հոգի էին։ Անկէ յետոյ բոլոր Իսրայէլի որդիները համրեց ու եօթը հազար հոգի էին։ Ասոնք կէսօրին ելան. բայց Բենադադ ինք ու անոր օգնական թագաւորները, այն երեսունըերկու թագաւորները, վրաններու մէջ խմելով կը գինովնային։ Առաջ գաւառներու իշխաններուն մանչերը ելան ու Բենադադ մարդիկ ղրկեց, որոնք անոր պատմեցին թէ Սամարիայէն մարդիկ եկան։ Անիկա ըսաւ. «Եթէ անոնք խաղաղութեան համար եկան՝ զանոնք ողջ թողուցէք, իսկ եթէ պատերազմելու եկան՝ զանոնք ողջ բռնեցէք։ Այս գաւառներու իշխաններուն մանչերը ու անոնց ետեւէն գացող զօրքը քաղաքէն դուրս ելան։ Ամէն մարդ իր դէմ ելլողը զարկաւ ու Ասորիները փախան։ Իսրայէլ զանոնք հալածեց ու Ասորիներու Բենադադ թագաւորը ձիու վրայ հեծած՝ քանի մը ձիաւորներով ազատեցաւ։ Իսրայէլի թագաւորը ելաւ ու ձիերը եւ կառքերը զարկաւ ու Ասորիները մեծ կոտորածով մը զարկաւ։ Մարգարէն Իսրայէլի թագաւորին մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Գնա՛, ուժովցի՛ր ու գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ ի՛նչ պիտի ընես, վասն զի եկող տարի Ասորիներու թագաւորը քու վրադ պիտի ելլէ»։ Ասորիներու թագաւորին ծառաները անոր ըսին. «Անոնց աստուածները լեռներու աստուածներ են, անոր համար մեզի յաղթեցին. բայց եթէ անոնց հետ դաշտի մէջ պատերազմինք, անտարակոյս անոնց կը յաղթենք։ Ուրեմն այս բանը ըրէ՛. թագաւորներուն իւրաքանչիւրը իր տեղէն հանէ ու անոնց տեղ նախարարներ դիր։ Եւ դուն քեզմէ կորսուած զօրքին չափ զօրք ու ձիերուն չափ ձիեր ու կառքերուն չափ կառքեր պատրաստէ քեզի։ Եթէ անոնց հետ դաշտի մէջ պատերազմինք, անտարակոյս անոնց կը յաղթենք»։ Անիկա անոնց խօսքին մտիկ ընելով՝ այնպէս ըրաւ։ Հետեւեալ տարին Բենադադ Ասորիները համրեց ու Ափէկ ելաւ Իսրայէլի հետ պատերազմելու համար։ Իսրայէլի որդիներն ալ համրուեցան ու պատրաստուելով զանոնք դիմաւորելու գացին։ Իսրայէլի որդիները անոնց դէմ այծերու երկու երամակներու պէս բանակ կազմեցին, բայց Ասորիները երկիրը լեցուցին։ Աստուծոյ մարդը եկաւ ու Իսրայէլի թագաւորին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Ասորիները ըսին թէ «Եհովա լեռներու Աստուած է ու հովիտներու Աստուած չէ», ասոր համար բոլոր այս մեծ բազմութիւնը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ, որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։ Եւ իրարու դէմ եօթը օր բանակեցան ու եօթներորդ օրը պատերազմը սկսաւ։ Իսրայէլի որդիները մէկ օրուան մէջ Ասորիներէն հարիւր հազար հետեւակ զօրք զարկին Ու մնացածները Ափէկ քաղաքը փախան։ Այն մնացած քսանըեօթը հազար մարդոցը վրայ պարիսպը ինկաւ։ Բենադադ փախաւ ու քաղաքին մէջ սենեակէ սենեակ մտաւ։ Անոր ծառաները իրեն ըսին. «Ահա մենք լսեր ենք, որ Իսրայէլի տանը թագաւորները ողորմած թագաւորներ են. հիմա մէջքերնիս քուրձեր ու գլուխնիս չուաններ դնենք եւ Իսրայէլի թագաւորին առջեւ ելլենք, թերեւս քու անձդ ապրեցնէ»։ Մէջքերնին քուրձեր ու գլուխնին չուաններ կապեցին եւ Իսրայէլի թագաւորին գացին ու ըսին. «Քու ծառադ Բենադադ կ’ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, թող անձս ապրի’»։ Անիկա ըսաւ. «Տակաւին ո՞ղջ է. անիկա իմ եղբայրս է»։ Այն մարդիկը ասիկա յաջողութիւն սեպելով, անոր բերնէն այս խօսքը առածնուն պէս՝ շուտով պատասխան տուին. «Քու եղբայրդ Բենադադ հոս է »։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք, զանիկա բերէ՛ք»։ Երբ Բենադադ անոր եկաւ, զանիկա իր կառքին մէջ առաւ։ Ան ալ անոր ըսաւ. «Այն քաղաքները, որ իմ հայրս քու հօրմէդ առած էր, ետ տամ ու դուն Դամասկոսի մէջ քեզի համար հրապարակներ շինէ, ինչպէս իմ հայրս Սամարիայի մէջ շինած էր»։ Ու անիկա ըսաւ. «Ես ալ այս դաշինքով քեզ կ’արձակեմ»։ Ուստի անոր հետ դաշնակցութիւն ըրաւ ու զանիկա արձակեց։ Մարգարէներուն որդիներէն մէկը Տէրոջը խօսքովը իր ընկերին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, զիս զարկ»։ Այն մարդը զանիկա զարնել չուզեց։ Անիկա ըսաւ անոր. «Տէրոջը խօսքին հնազանդութիւն չընելուդ համար՝ ահա իմ քովէս գացածիդ պէս՝ քեզ առիւծ մը պիտի մեռցնէ»։ Անիկա անոր քովէն գնաց ու առիւծ մը հանդիպեցաւ որ զայն մեռցուց։ Ետքը մարգարէն ուրիշ մարդ մը գտաւ ու անոր ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, զիս զարկ»։ Այն մարդը զանիկա զարկաւ ու զարնելով վիրաւորեց։ Այն մարգարէն գնաց ճամբուն վրայ թագաւորին սպասեց ու չճանչցուելու համար աչքերուն վրայ ծածկոց մը՝ ՝ դրաւ։ Երբ թագաւորը անկէ կ’անցնէր, թագաւորին աղաղակելով՝ ըսաւ. «Քու ծառադ պատերազմի գնաց եւ ահա մարդ մը պատերազմէն դուրս ելլելով՝ ինծի ուրիշ մը բերաւ ու ըսաւ. ‘Այս մարդը պահէ՛։ Եթէ ասիկա կերպով մը կորսուելու ըլլայ, քու անձդ անոր տեղ պիտի ըլլայ, կամ տաղանդ մը արծաթ պիտի վճարես’։ Ու երբ ծառադ ասդին անդին գործով զբաղեր էի, անիկա կորսուեցաւ»։ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ. «Քու դատաստանդ այդպէս է, ինչպէս դուն քու բերնովդ վճռեցիր»։ Անիկա շուտով մը ծածկոցը աչքերուն վրայէն հանեց ու Իսրայէլի թագաւորը իմացաւ, որ անիկա մարգարէներէն մէկն է։ Անիկա ըսաւ անոր. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն իմ նզոված մարդս քու ձեռքէդ ազատ արձակեցիր, անոր համար քու անձդ անոր անձին տեղ ու քու ժողովուրդդ անոր ժողովուրդին տեղ պիտի ըլլայ’»։ Իսրայէլի թագաւորը սիրտը կոտրած ու նեղացած՝ իր տունը դարձաւ ու Սամարիա եկաւ։ Յեզրայելացի Նաբովթ Սամարիայի Աքաաբ թագաւորին պալատին քով այգի մը ունէր։ Աքաաբ Նաբովթին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քու այգիդ ինծի տուր, որպէս զի ինծի բանջարի պարտէզ ընեմ, քանզի իմ տանս մօտ է եւ անոր տեղ անկէ աղէկ այգի մը տամ քեզի կամ եթէ կ’ուզես՝ անոր գինը ստակով վճարեմ քեզի»։ Ու Նաբովթ Աքաաբին ըսաւ. «Տէրը ինծի չցուցնէ, որ իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի տամ»։ Աքաաբ Յեզրայելացի Նաբովթին ըսած խօսքին համար, որ ըսաւ թէ «Իմ հայրերուս ժառանգութիւնը քեզի չեմ տար», սիրտը կոտրած ու նեղացած իր տունը գնաց։ Իր անկողնին վրայ պառկեցաւ ու երեսը դարձուց ու հաց չկերաւ։ Անոր կինը Յեզաբէլ անոր քով գնաց ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար սիրտդ այդպէս նեղացած է ու հաց չես ուտեր»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Վասն զի Յեզրայելացի Նաբովթին հետ խօսեցայ ու անոր ըսի. ‘Քու այգիդ ինծի ստակով տուր կամ եթէ կ’ուզես, անոր տեղ քեզի ուրիշ այգի մը տամ’. բայց անիկա ‘Իմ այգիս քեզի չեմ տար’, ըսաւ»։ Այն ատեն անոր կինը Յեզաբէլ անոր ըսաւ. «Դուն հիմա Իսրայէլի վրայ այդպէ՞ս թագաւորութիւն պիտի ընես. ելի՛ր, հաց կեր ու սիրտդ թող զուարճանայ. Յեզրայելացի Նաբովթին այգին ես քեզի պիտի տամ»։ Անիկա Աքաաբին անունովը նամակներ գրեց ու զանոնք անոր կնիքովը կնքեց եւ այն նամակները Նաբովթին քաղաքակից ծերերուն ու ազնուականներուն ղրկեց։ Նամակներուն մէջ այսպէս գրեր էր. «Ծոմապահութիւն քարոզեցէ՛ք ու Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցէ՛ք։ Անոր դէմ երկու անօրէն մարդիկ նստեցուցէ՛ք, որոնք անոր համար վկայութիւն տան ու ըսեն թէ ‘Դուն Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյութիւն ըրիր’ ու զանիկա հանեցէ՛ք ու քարկոծեցէ՛ք, որպէս զի մեռնի»։ Անոր քաղաքակիցները եւ քաղաքին մէջ բնակող ծերերն ու ազնուականները, Յեզրայէլին իրենց ապսպրածին պէս ըրին, ինչպէս անոր ղրկած նամակներուն մէջ գրուած էր։ Անոնք ծոմապահութիւն քարոզեցին եւ Նաբովթը ժողովուրդին գլուխը նստեցուցին։ Երկու անօրէն մարդիկ գացին անոր դէմը նստան։ Այն անօրէն մարդիկը ժողովուրդին առջեւ Նաբովթին համար վկայութիւն տուին ու ըսին. «Նաբովթ Աստուծոյ ու թագաւորին դէմ հայհոյութիւն ըրաւ» Ուստի զանիկա քաղաքէն դուրս հանեցին եւ քարերով քարկոծեցին ու մեռաւ։ Յեզաբէլին լուր ղրկեցին՝ ըսելով. «Նաբովթ քարկոծուեցաւ ու մեռաւ»։ Երբ Յեզաբէլ Նաբովթին քարկոծուիլն ու մեռնիլը լսեց, Աքաաբին ըսաւ. «Ելի՛ր, ժառանգէ՛ Յեզրայելացի Նաբովթին այգին, որ ինք քեզի ստակով տալ չուզեց. քանզի Նաբովթ ողջ չէ, հապա մեռաւ»։ Երբ Աքաաբ Նաբովթին մեռնիլը լսեց, ոտքի ելաւ, որ Յեզրայելացի Նաբովթին այգին իջնէ ու զանիկա ժառանգէ։ Տէրոջը խօսքը Թեզբացի Եղիային եղաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր, Սամարիա բնակող Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը դիմաւորելու իջի՛ր։ Ահա անիկա Նաբովթի այգիին մէջն է, ուր իջեր է զանիկա ժառանգելու համար Ու անոր ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մեռցուցիր ու կը ժառանգե՞ս ալ’։ Նաեւ անոր խօսելով՝ ըսէ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն տեղը ուր շուները Նաբովթին արիւնը լափեցին, հոն շուները քու արիւնդ պիտի լափեն’»։ Աքաաբ Եղիային ըսաւ. «Ո՛վ իմ թշնամիս, զիս գտա՞ր»։ Անիկա ըսաւ. «Գտայ, որովհետեւ դուն քեզ ծախեցիր Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու համար։ Ահա ես քու վրադ չարիք պիտի բերեմ, քեզ հալածելով՝ ՝ պիտի ջնջեմ եւ Աքաաբի բոլոր այր մարդիկն ու Իսրայէլի մէջ գերին ու ազատը պիտի կորսնցնեմ։ Քու տունդ Նաբատի որդիին Յերոբովամին տանը պէս ու Աքիային որդիին Բաասային տանը պէս պիտի ընեմ. որովհետեւ զիս բարկացուցիր ու Իսրայէլին մեղք գործել տուիր։ Եւ Տէրը Յեզաբէլին համար ալ խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Յեզրայէլի պարսպին քով շուները Յեզաբէլը պիտի ուտեն’։ Աքաաբէն քաղաքին մէջ մեռնողը շուները պիտի ուտեն ու դաշտին մէջ մեռնողը երկնքի թռչունները պիտի ուտեն»։ Աքաաբին պէս բնաւ թագաւոր մը եղած չէր, որ զինք ծախէ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու համար։ Իր կինը՝ Յեզաբէլ՝ զինք գլխէ հանեց։ Անիկա կուռքերուն ետեւէն երթալով շատ գարշելի եղաւ ու բոլոր Ամօրհացիներուն ըրածները ըրաւ, որոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտեց։ Աքաաբ այս խօսքերը լսածին պէս՝ իր հանդերձները պատռեց ու մարմնին վրայէն քուրձ հագաւ ու ծոմ պահեց եւ քուրձով կը պառկէր ու կամաց կը քալէր։ Տէրոջը խօսքը Թեզբացի Եղիային եղաւ՝ ըսելով. «Կը տեսնե՞ս, Աքաաբ իմ առջեւս խոնարհութիւն կ’ընէ։ Անոր իմ առջեւս խոնարհութիւն ընելուն համար, անոր օրերուն մէջ այն չարիքը պիտի չբերեմ, անոր որդիին օրերը այն չարիքը անոր տանը վրայ պիտի բերեմ»։ Երեք տարի անցաւ եւ Ասորիներուն ու Իսրայէլի մէջտեղ պատերազմ չեղաւ։ Երրորդ տարին Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին իջաւ։ Իսրայէլի թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. « Գիտէք թէ Ռամովթ-Գաղաադ մերն է, բայց մենք զանիկա Ասորիներուն թագաւորին ձեռքէն առնել չենք մտածեր»։ Եւ Յովսափատ ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու կ’երթա՞ս»։ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս՝ քու ժողովուրդիդ պէս ու իմ ձիերս քու ձիերուդ պէս են»։ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Նախ Տէրոջը խօսքը փնտռէ»։ Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, որոնք չորս հարիւրի չափ էին ու անոնց ըսաւ. «Ռամովթ-Գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞մ, թէ ետ կենամ»։ Անոնք ըսին. «Գնա՛, վասն զի Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։ Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը ուրիշ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որ անոր հարցնենք»։ Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կայ ուրիշ մարդ մըն ալ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ. քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ. անիկա Յեմլայի որդին Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը թող այդպէս չխօսի»։ Իսրայէլի թագաւորը ներքինի մը կանչեց ու ըսաւ. «Յեմլայի որդին Միքիան շուտով հո՛ս բեր»։ Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Սամարիայի դրանը առջեւի հրապարակին վրայ ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր ու բոլոր մարգարէները անոնց առջեւ մարգարէութիւն կ’ընէին։ Քանանայի որդին՝ Սեդեկիա՝ իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’»։ Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ-Գաղաադ ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս եւ Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։ Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Ահա բոլոր մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար բարութիւն գուշակեցին. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ ու բարութիւն գուշակէ»։ Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ Տէրը ինծի ինչ որ ըսէ՝ զայն պիտի խօսիմ»։ Երբ անիկա թագաւորին եկաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Միքիա, Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենանք»։ Անիկա անոր ըսաւ. «Ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս ու Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունով ճշմարիտը միայն ըսես»։ Ան ալ ըսաւ. «Իսրայէլը հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ» եւ Տէրը ըսաւ. «Ասոնք տէր չունին, ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ»։ Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չըներ, հապա՝ գէշ»։ Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ ու երկնքի բոլոր զօրքերը անոր բոլորտիքը, աջ կողմն ու ձախ կողմը, կեցեր էին Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Աքաաբը ո՞վ կրնայ խաբել, որ Ռամովթ-Գաղաադ ելլէ ու կորսուի’ ու մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս ըսաւ։ Ու ոգի մը ելաւ ու Տէրոջը առջեւ կայնեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա ես կը խաբեմ’։ Ու Տէրը անոր ըսաւ. ‘Ի՞նչ միջոցով’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ելլեմ ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի ըլլամ’։ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս, ելի՛ր ու այնպէս ըրէ՛’։ Եւ հիմա ահա Տէրը այս քու բոլոր մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է, բայց Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ»։ Այն ատեն Քանանայի որդին Սեդեկիան մօտեցաւ ու Միքիային ծնօտին զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ՝ քեզի հետ խօսելու համար»։ Եւ Միքիան ըսաւ. «Դո՛ւն ալ պիտի տեսնես այն օրը, որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ պիտի մտնես»։ Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Միքիան ա՛ռ ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին եւ թագաւորին որդիին Յովասին տա՛ր Ու ըսէ՛, թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասիկա բանտը դրէ՛ք ու մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէք’»։ Եւ Միքիա ըսաւ. «Եթէ խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինծմով խօսած չըլլայ»։ Ու ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ամէնքդ լսեցէ՛ք»։ Իսրայէլի թագաւորն ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-Գաղաադ ելան։ Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կերպարանքս պիտի փոխեմ ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ, բայց դուն քու հագուստդ հագիր»։ Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց ու պատերազմի մէջ մտաւ։ Եւ Ասորիներու թագաւորը իր երեսունըերկու կառապետներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Պզտիկի կամ մեծի հետ մի՛ պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ»։ Ու երբ կառապետները Յովսափատը տեսան, Իսրայէլի թագաւորը անշուշտ ասիկա է ըսելով՝ անոր վրայ պատերազմելու գացին։ Յովսափատ աղաղակեց։ Երբ կառապետները տեսան թէ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան։ Մարդ մը առանց դիտելու՝ ՝ իր աղեղը քաշեց ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն՝ ՝ զարկաւ։ Այն ատեն անիկա իր կառավարին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ»։ Այն օրը պատերազմը սաստկացաւ ու թագաւորը Ասորիներուն դէմ իր կառքին մէջ կեցաւ եւ իրիկուան դէմ մեռաւ։ Վէրքին արիւնը կառքին մէջ վազեց։ Երբ արեւը կը մտնէր, բանակին մէջ մունետիկ պտըտեցաւ ու ըսաւ. «Ամէն մարդ իր քաղաքը ու ամէն մարդ իր երկիրը թող դառնայ »։ Թագաւորը մեռաւ ու Սամարիա տարին ու թաղեցին։ Եւ կառքը Սամարիայի աւազանին քով լուացին ու շուները անոր արիւնը լափեցին. անոր զէնքերն ալ հոն լուացին՝ Տէրոջը ըսած խօսքին համեմատ։ Աքաաբին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր ըրածը եւ փղոսկրով շինած տունն ու բոլոր շինած քաղաքները ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Աքաաբ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անոր տեղ անոր որդին Ոքոզիա թագաւոր եղաւ։ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին չորրորդ տարին Յուդայի վրայ Ասային որդին Յովսափատ թագաւոր եղաւ։ Յովսափատ երեսունըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ազուբա էր ու Սաղիին աղջիկն էր։ Անիկա իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց, անկէ չխոտորեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհեր կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին հետ խաղաղութիւն ըրաւ։ Յովսափատին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր ըրած քաջութիւնն ու պատերազմները՝ ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Անիկա իր հօրը Ասային ժամանակէն մնացած Սոդոմական մեղք գործողները երկրէն բնաջինջ ըրաւ։ Այն ատեն Եդովմի մէջ թագաւոր չկար, փոխարքայ մը կար։ Յովսափատ Թարսիսի նաւեր շինեց, որպէս զի Ոփիր երթան ոսկիի համար, բայց չգացին՝ ՝, քանզի նաւերը Գասիոն-Գաբերի մէջ կտոր կտոր եղան։ Այն ատեն Աքաաբին որդին Ոքոզիան Յովսափատին ըսաւ. «Իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ նաւերով թող երթան»։ Բայց Յովսափատ չհաճեցաւ։ Եւ Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովրամ թագաւոր եղաւ։ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնըեօթներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Աքաաբի որդին Ոքոզիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու Իսրայէլի վրայ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր հօրը ճամբան եւ իր մօրը ճամբան ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին ճամբան բռնեց, Բահաղին ծառայութիւն ըրաւ ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ եւ իր հօրը բոլոր ըրածները ընելով ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը բարկացուց։ Աքաաբին մեռնելէն ետքը Մովաբ Իսրայէլին դէմ ապստամբեցաւ։ Ոքոզիա Սամարիայի մէջ իր վերնատան վանդակապատէն վար ինկաւ ու հիւանդացաւ ու պատգամաւորներ ղրկեց՝ անոնց ըսելով. «Գացէ՛ք Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն հարցուցէ՛ք, թէ արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ»։ Տէրոջը հրեշտակը Թեզբացի Եղիային ըսաւ. «Ելի՛ր, Սամարիայի թագաւորին պատգամաւորները դիմաւորելու գնա ու անոնց ըսէ՛. ‘Միթէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկա՞յ, որ դուք Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն հարցնելու կ’երթաք’։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս’»։ Եղիա գնաց։ Պատգամաւորները անոր դարձան ու Ոքողիա անոնց ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար ետ դարձաք»։ Անոր ըսին. «Մեր դէմ մարդ մը ելաւ ու մեզի ըսաւ. ‘Գացէ՛ք ձեզ ղրկող թագաւորին դարձէ՛ք ու անոր ըսէք՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Միթէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկա՞յ, որ Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծոյն հարցնելու կը ղրկես։ Անոր համար քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս»’»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Ձեզ դիմաւորող ու այս խօսքերը ձեզի ըսող մարդը ի՞նչպէս մարդ էր»։ Ու անոր ըսին. «Անիկա մազոտ մարդ մըն էր ու մէջքը մաշկեղէն գօտի մը կապեր էր»։ Թագաւորը ըսաւ. «Անիկա Թեզբացի Եղիան է»։ Ոքոզիա անոր յիսուն մարդով յիսնապետ մը ղրկեց։ Անիկա Եղիային քով գնաց։ Եղիա լերան գլուխը նստած էր։ Յիսնապետը անոր ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թագաւորը կը խնդրէ, որ վար իջնես»։ Եղիա պատասխան տուաւ ու յիսնապետին ըսաւ. «Եթէ ես Աստուծոյ մարդն եմ, երկնքէն կրակ թող իջնէ եւ քեզ ու քու յիսուն մարդդ ուտէ»։ Երկնքէն կրակ իջաւ եւ զանիկա ու անոր յիսուն մարդը կերաւ։ Անոր նորէն յիսուն մարդով ուրիշ յիսնապետ մը ղրկեց։ Անիկա խօսեցաւ ու անոր ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Շուտով վա՛ր իջիր’»։ Եղիա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ. «Եթէ ես Աստուծոյ մարդն եմ, երկնքէն կրակ թող իջնէ եւ քեզ ու քու յիսուն մարդդ ուտէ»։ Երկնքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ եւ զանիկա ու անոր յիսուն մարդը կերաւ։ Նորէն յիսուն մարդով երրորդ յիսնապետ մը ղրկեց ու այն երրորդ յիսնապետը վեր ելաւ ու գնաց Եղիային առջեւ ծունկ կրկնեց եւ անոր աղաչեց ու ըսաւ. «Մարդ Աստուծոյ, թող իմ հոգիս ու այս յիսուն ծառաներուդ հոգիները քու աչքերուդ առջեւ պատուական սեպուին։ Ահա երկնքէն կրակ իջաւ ու այն առաջուան երկու յիսնապետները եւ անոնց յիսուն մարդիկը կերաւ. բայց հիմա իմ հոգիս քու աչքիդ առջեւ թող պատուական սեպուի»։ Տէրոջը հրեշտակը Եղիային ըսաւ. «Անոր հետ իջի՛ր, անոր երեսէն մի՛ վախնար»։ Եղիա ելաւ անոր հետ թագաւորին իջաւ։ Անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Ակկարոնի Բահաղ-Ճանճիկ աստուծմէն հարցնելու համար պատգամաւորներ ղրկեցիր, իբր թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած չկար, որ անոր բան հարցնէիր, անոր համար այդ քու ելած անկողինէդ վար պիտի չիջնես, հապա անշուշտ պիտի մեռնիս’»։ Ոքոզիա մեռաւ Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ Եղիա ըսեր էր եւ որովհետեւ անիկա որդի չունէր, անոր տեղը Յովրամ թագաւոր եղաւ՝ Յուդայի Յովսափատեան Յովրամ թագաւորին երկրորդ տարին։ Ոքոզիային ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ Երբ Տէրը Եղիան մրրիկով երկինք պիտի վերցնէր, Եղիա ու Եղիսէ Գաղգաղա գացին։ Եղիա ըսաւ Եղիսէին. «Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Բեթէլ ղրկեց»։ Եղիսէ ըսաւ. Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Ու Բեթէլ իջան։ Բեթէլի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ելան ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եղիսէ, դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Երիքով ղրկեց»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Ու Երիքով գացին։ Երիքովի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդները Եղիսէին մօտեցան ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ»։ Անիկա ըսաւ. «Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Յորդանան ղրկեց»։ Անիկա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր»։ Երկուքը գացին։ Մարգարէներուն որդիներէն յիսուն մարդ գացին անոր դէմ՝ հեռուն կայնեցան, իսկ իրենք երկուքը Յորդանանի քով կայնեցան։ Եղիա իր վերարկուն առաւ ծալլեց եւ ջուրերուն զարկաւ ու մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու երկուքը ցամաքով անցան։ Երբ անոնք անցան, Եղիա ըսաւ Եղիսէին. «Խնդրէ՛, ի՞նչ ընեմ քեզի, քանի որ դեռ քեզմէ վերցուած չեմ»։ Եղիսէ ըսաւ. «Քող քու ոգիիդ կրկնապատիկը ունենամ»։ Եղիա անոր ըսաւ. «Դժուար բան խնդրեցիր. բայց եթէ քեզմէ վերցուելու ատենս զիս տեսնես՝ խնդրածիդ պէս թող ըլլայ, ապա թէ ոչ՝ թող չըլլայ»։ Երբ անոնք խօսելով կ’երթային, ահա հրեղէն կառք մը եւ հրեղէն ձիեր երեւցան ու զանոնք իրարմէ զատեցին ու Եղիա մրրիկով երկինք ելաւ։ Եղիսէ տեսաւ ու աղաղակեց. «Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլին կառքը ու անոր ձիաւորները»։ Ա՛լ չտեսաւ զանիկա։ Իր հանդերձները բռնեց ու զանոնք երկու կտորի պատռեց։ Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն վերցուց եւ դարձաւ Յորդանանի եզերքը կեցաւ։ Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն առաւ, ջուրերուն զարկաւ ու ըսաւ. «Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա»։ Երբ ջուրերուն զարկաւ, մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու Եղիսէ անցաւ։ Երիքովի մարգարէներուն որդիները զանիկա տեսնելով՝ ըսին. «Եղիային ոգին Եղիսէին վրայ հանգչեցաւ»։ Զանիկա դիմաւորելու գացին ու գետնէն անոր խոնարհութիւն ըրին Եւ անոր ըսին. «Ահա քու ծառաներուդ հետ յիսուն զօրաւոր մարդիկ կան, թող երթան ու քու տէրդ փնտռեն. կարելի է Տէրոջը Հոգին զանիկա վերցուց ու լերան մը վրայ կամ ձորի մը մէջ ձգեց»։ Անիկա ըսաւ. «Մի՛ ղրկէք»։ Բայց անոնք բռնադատեցին զանիկա մինչեւ որ ամչցաւ ու ըսաւ. «Ղրկեցէ՛ք»։ Եւ յիսուն մարդ ղրկեցին, որոնք երեք օր փնտռեցին, բայց զանիկա չգտան Ու անոր դարձան։ Անիկա Երիքով կը նստէր ու անոնց ըսաւ. «Ես ձեզի չըսի՞, թէ ‘Մի՛ երթաք’»։ Քաղաքին մարդիկը Եղիսէին ըսին. «Ահա քաղաքիս բնակութիւնը աղէկ է, ինչպէս մեր տէրը կը տեսնէ, բայց ջուրերը գէշ ու երկիրը անպտուղ է»։ Անիկա ըսաւ. «Ինծի նոր կուժ մը բերէ՛ք ու մէջը աղ դրէ՛ք»։ Անոնք անոր բերին։ Անիկա ջուրերուն աղբիւրը ելաւ ու հոն աղ նետեց ու ըսաւ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ջուրերը բժշկեցի, անգամ մըն ալ ասկէ մահ ու անպտղութիւն չըլլայ’»։ Այն ջուրերը բժշկուեցան մինչեւ այսօր՝ Եղիսէի ըսած խօսքին համեմատ։ Անկէ Բեթէլ ելաւ ու երբ ճամբայէն վեր կ’ելլէր, քաղաքէն պզտիկ տղաքներ ելան եւ զանիկա ծաղր կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ելի՛ր կնտակ, ելի՛ր կնտակ»։ Ետին դարձաւ ու զանոնք տեսաւ եւ Տէրոջը անունովը զանոնք անիծեց։ Անտառէն երկու մատակ արջ ելան ու անոնցմէ քառասունըերկու տղայ պատառեցին։ Եւ անկէ Կարմեղոս լեռը գնաց, ապա Սամարիա դարձաւ։ Աքաաբին որդին՝ Յովրամ՝ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնըութերորդ տարին Սամարիայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու տասներկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, բայց ո՛չ իր հօրն ու իր մօրը պէս, քանզի անիկա իր հօրը շինած Բահաղին կուռքը վերցուց։ Բայց Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն յարեցաւ, անոնցմէ չզատուեցաւ։ Մովաբի Մեսա թագաւորը հօտերու տէր ըլլալով՝ Իսրայէլի թագաւորին հարիւր հազար գառ ու հարիւր հազար գեղմնաւոր խոյ կու տար։ Բայց Աքաաբին մեռնելէն ետքը Մովաբի թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին դէմ ապստամբեցաւ։ Ուստի Յովրամ թագաւորը Սամարիայէն ելաւ ու բոլոր Իսրայէլը համրեց Ու գնաց եւ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Մովաբի թագաւորը ինծի դէմ ապստամբեցաւ. ինծի հետ Մովաբի վրայ պատերազմելու կ’երթա՞ս»։ Անիկա ըսաւ. «Կ’երթամ. ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս քու ժողովուրդիդ պէս ու ձիերս քու ձիերուդ պէս են»։ Յովրամ ըսաւ. «Ո՞ր ճամբայէն երթանք»։ Ան ալ ըսաւ. «Եդովմի անապատին ճամբայէն»։ Իսրայէլի թագաւորը, Յուդայի թագաւորն ու Եդովմի թագաւորը գացին ու եօթը օրուայ ճամբայ պտըտեցան։ Անոնց հետ եղող բանակին ու անասուններուն համար ջուր չկար։ Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Ափսո՜ս, Տէրը այս երեք թագաւորները Մովաբին ձեռքը տալու կանչեր է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը մարգարէ մը չկա՞յ, որպէս զի անոր միջոցով Տէրոջը հարցնենք»։ Իսրայէլի թագաւորին ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եղիային ձեռքերուն ջուր լեցնող Սափատեան Եղիսէն հոս է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Անոր քովն է Տէրոջը խօսքը»։ Իսրայէլի թագաւորը եւ Յովսափատ ու Եդովմի թագաւորը անոր իջան։ Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. դուն քու հօրդ մարգարէներուն ու քու մօրդ մարգարէներուն գնա»։ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛չ, վասն զի Տէրը այս երեք թագաւորը Մովաբին ձեռքը մատնելու կանչեր է»։ Եղիսէ ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է որ, եթէ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին վրայ համարում չունենայի, բնաւ երեսդ պիտի չնայէի ու քեզ պիտի չտեսնէի։ Հիմա ինծի նուագածու մը բերէք»։ Երբ նուագածուն նուագարանը կը զարնէր, անոր վրայ Տէրոջը զօրութիւնը եկաւ Ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս հեղեղատը փոս փոս ըրէք’. Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Հով պիտի չտեսնէք ու անձրեւ պիտի չտեսնէք. բայց այս հեղեղատը ջրով պիտի լեցուի եւ պիտի խմէք դուք ու ձեր հօտերն ու ձեր անասունները’։ Սակայն ասիկա Տէրոջը առջեւ պզտիկ բան մը ըլլալով, Մովաբն ալ ձեր ձեռքը պիտի մատնէ Եւ ամէն պարսպապատ քաղաք ու ամէն ընտիր քաղաք պիտի զարնէ եւ բոլոր ազնիւ ծառերը պիտի կոտրտէք ու բոլոր ջուրի աղբիւրները պիտի գոցէք ու բոլոր ընտիր արտերը քարերով պիտի աւրէք»։ Առաւօտուն զոհ մատուցուած ատենը՝ ահա Եդովմի ճամբայէն ջուրեր եկան ու երկիրը ջրով լեցուեցաւ։ Երբ Մովաբացիները լսեցին թէ թագաւորներ ելեր են իրենց հետ պատերազմելու, բոլոր գօտի կապելու կարողութիւն ունեցողները հաւաքուեցան ու սահմանագլուխը կեցան։ Առաւօտուն կանուխ ելան ու արեւուն ճառագայթները ջուրերուն վրայ զարկած ըլլալով՝ Մովաբացիները այն ջուրերը արիւնի պէս կարմիր տեսան Ու ըսին. «Ասիկա արիւն է. անտարակոյս թագաւորները իրարու հետ կռուեր են ու մէկզմէկ զարկեր են. հիմա, ո՛վ Մովաբացիներ, աւարը հաւաքենք »։ Այսպէս անոնք Իսրայէլի բանակը գացին ու Իսրայելացիները ելան Մովաբացիները զարկին, որոնք անոնց երեսէն փախան ու Իսրայելացիները Մովաբացիները զարնելով՝ անոնց երկիրը մտան, Քաղաքները կործանեցին ու բոլոր ընտիր արտերուն մէջ ամէն մարդ քար մը նետեց ու զանոնք լեցուցին եւ բոլոր ջուրի աղբիւրները գոցեցին ու բոլոր ազնիւ ծառերը կոտրեցին, այնպէս որ միայն Կիրհարէսէթի քարերը թողուցին։ Պարսատիկ ունեցողները զանիկա պաշարեցին ու զարկին։ Մովաբի թագաւորը, երբ տեսաւ որ պատերազմը իր վրայ սաստկացաւ, իրեն հետ եօթը հարիւր սուսերամերկ զօրք առաւ, որպէս զի մինչեւ Եդովմի թագաւորին հակառակ կողմը անցնին, բայց չկրցան։ Ուստի առաւ իր անդրանիկ որդին, որ իր տեղ պիտի թագաւորէր ու զանիկա պարսպին վրայ զոհեց։ Իսրայելացիներուն դէմ մեծ բարկութիւն եղաւ։ Անոր երկրէն ետ քաշուեցան ու իրենց երկիրը դարձան։ Մարգարէներուն որդիներէն մէկուն կինը Եղիսէին աղաղակելով՝ ըսաւ. «Քու ծառադ՝ այրս մեռաւ։ Դուն քու ծառայիդ աստուածավախ ըլլալը գիտես։ Պարտատէրը եկաւ, որպէս զի իմ երկու որդիներս իբր ծառայ իրեն առնէ»։ Եղիսէ անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ ընեմ. ըսէ ինծի, տունը ի՞նչ ունիս»։ Անիկա ըսաւ. «Քու աղախինդ տանը մէջ աման մը՝ ՝ իւղէն զատ ուրիշ բան մը չունի»։ Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛, դուրսէն քու բոլոր դրացիներէդ քեզի պարապ ամաններ ուզէ. քիչ մի՛ ուզեր Եւ տունդ մտիր ու վրայէդ ու քու որդիներուդ վրայէն դուռը գոցէ եւ քու իւղդ այն բոլոր ամաններուն մէջ պարպէ ու լեցուածը վերցուր»։ Անիկա անոր քովէն գնաց ու իր վրայէն ու իր որդիներուն վրայէն դուռը գոցեց։ Տղաքը ամանները անոր կը մօտեցնէին ու անիկա կը լեցնէր։ Երբ այն ամանները լեցուեցան, իր որդիին ըսաւ. «Ինծի ուրիշ աման մօտեցուր»։ Տղան ըսաւ անոր. «Ուրիշ աման չկայ»։ Այն ատեն ա՛լ իւղը չհոսեցաւ։ Կինը գնաց Աստուծոյ մարդուն պատմեց ու անիկա ըսաւ. «Գնա՛, իւղը ծախէ ու պարտքդ վճարէ՛ եւ աւելցածովը դուն ու քու որդիներդ ապրեցէ՛ք»։ Օր մը, երբ Եղիսէ Սունամայէն կ’անցնէր, հոն երեւելի կին մը կար, որը ստիպեց որ հաց ուտէ։ Անկէ ետքը երբ անկէ կ’անցնէր, հաց ուտելու համար հոն կ’իջնէր։ Այն կինը իր էրկանը ըսաւ. «Ահա գիտեմ թէ ասիկա Աստուծոյ մէկ սուրբ մարդն է, որ միշտ մեր քովէն կ’անցնի. Հիմա պզտիկ վերնատուն մը շինենք պատին վրայ ու հոն անոր համար անկողին, սեղան, աթոռ ու աշտանակ դնենք, որպէս զի երբ մեզի գայ, հոն իջնէ»։ Օր մը անիկա հոն եկաւ, վերնատունը մտաւ ու հոն պառկեցաւ Եւ իր ծառային Գէեզիին ըսաւ. «Սունամացի կինը կանչէ»։ Կինը եկաւ ու անոր առջեւ կեցաւ։ Եղիսէ իր ծառային ըսաւ. «Անոր ըսէ՛. ‘Ահա դուն մեզի համար այս բոլոր աշխատանքը քաշեցիր. քեզի ի՞նչ ընեմ. թագաւորին կամ զօրագլուխին ըսելիք մը ունի՞ս’»։ Կինը ըսաւ. «Ես իմ ժողովուրդիս մէջ կը բնակիմ»։ Ու Եղիսէ ըսաւ. «Անոր ի՞նչ կրնանք ընել »։ Գէեզին ըսաւ. «Իրաւցընէ անիկա զաւակ չունի ու անոր այրը ծերացեր է»։ Եղիսէ ըսաւ. «Զանիկա կանչէ»։ Կինը եկաւ ու դրանը մէջ կեցաւ։ Ու Եղիսէ անոր ըսաւ. « Գալ տարի՝ ՝ այս ատեն գիրկդ որդի մը պիտի ունենաս»։ Կինը ըսաւ. «Ո՛չ, ո՛վ տէր իմ, մարդ Աստուծոյ, քու աղախինիդ սուտ մի՛ խօսիր»։ Բայց կինը յղացաւ ու հետեւեալ տարին նոյն ատենը որդի մը ծնաւ, ինչպէս Եղիսէ անոր ըսեր էր։ Տղան մեծցաւ։ Օր մը իր հօրը գնաց հնձողներուն քով։ Իր հօրը ըսաւ. «Գլո՜ւխս, գլո՜ւխս»։ Ան ալ իր ծառային ըսաւ. «Ասիկա իր մօրը տար»։ Ծառան մանչը վերցուց ու անոր մօրը տարաւ։ Տղան մինչեւ կէսօր մօրը ծունկերուն վրայ նստաւ ու մեռաւ։ Կինը վեր ելաւ ու զանիկա Աստուծոյ մարդուն անկողնին մէջ պառկեցուց ու դուռը վրայէն գոցեց։ Ապա իր այրը կանչեց ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, ինծի մանչերէն մէկուն հետ էշ մը ղրկէ, որպէս զի շուտով մինչեւ Աստուծոյ մարդուն քով երթամ ու ետ դառնամ»։ Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչ կայ, որ դուն այսօր անոր պիտի երթաս. ամսագլուխ չէ, շաբաթ չէ»։ Կինը ըսաւ. «Ողջութիւն»։ Այն ատեն էշը պատրաստել տուաւ եւ ծառային ըսաւ. «Քշէ՛ ու մինչեւ որ քեզի չըսեմ, քշելէն ետ մի՛ կենար ինծի համար»։ Կարմեղոս լեռը երթալով, Աստուծոյ մարդուն քով գնաց։ Երբ Աստուծոյ մարդը զանիկա տեսաւ, իր ծառային Գէեզիին ըսաւ. «Ահա Սունամացի կինը կու գայ ։ Վազէ՛, դիմաւորէ՛ զանիկա ու անոր ըսէ. ‘Ողջ առո՞ղջ ես, այրդ ողջ առո՞ղջ է, տղան ողջ առո՞ղջ է’»։ Կինը ըսաւ. «Ողջ առողջ ենք»։ Կինը լեռը Աստուծոյ մարդուն գնաց եւ անոր ոտքերուն փաթթուեցաւ։ Գէեզին մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա ետ քաշէ, բայց Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զանիկա, քանզի անոր սիրտը ցաւած է. բայց Տէրը ինծմէ պահեց ու ինծի չյայտնեց»։ Կինը ըսաւ. «Ես իմ տիրոջմէս որդի խնդրեցի՞. ես չըսի՞ թէ ‘Զիս մի խաբե՛ր’»։ Եղիսէ Գէեզին ըսաւ. «Մէջքդ գօտի կապէ եւ իմ գաւազանս ձեռքդ առ ու գնա՛։ Եթէ մարդու մը հանդիպիս՝ անոր բարեւ մի՛ տար ու եթէ մարդ մը քեզի բարեւ տայ՝ պատասխան մի՛ տար եւ իմ գաւազանս տղուն երեսին վրայ դիր»։ Իսկ տղուն մայրը ըսաւ. «Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ քեզ պիտի չթողում»։ Եղիսէ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։ Բայց Գէեզին անոնց առջեւ անցաւ ու գաւազանը տղուն երեսին վրայ դրաւ, սակայն ո՛չ ձայն կար եւ ո՛չ զգացում. ուստի մարգարէն դիմաւորելու դարձաւ եւ անոր պատմեց ու ըսաւ. «Տղան չարթնցաւ»։ Ու երբ Եղիսէ տունը մտաւ, տեսաւ տղան մեռած ու իր անկողնին վրայ պառկած։ Ներս մտնելով՝ իրենց վրայէն դուռը գոցեց եւ Տէրոջը աղօթք ըրաւ Ու ելաւ տղուն վրայ պառկեցաւ եւ իր բերանը անոր բերնին վրայ ու իր աչքերը անոր աչքերուն վրայ ու իր թաթերը անոր թաթերուն վրայ դրաւ եւ անոր վրայ կծկուեցաւ ու տղուն մարմինը տաքցաւ։ Դարձաւ անգամ մը այս կողմ, անգամ մը այն կողմը պտըտեցաւ ու կրկին ելաւ անոր վրայ կծկուեցաւ եւ տղան եօթը անգամ փռնգտաց ու աչքերը բացաւ։ Այն ատեն Գէեզին կանչեց ու ըսաւ. «Սունամացի կինը կանչէ»։ Զանիկա կանչեց։ Կինը անոր եկաւ ու Եղիսէ անոր ըսաւ. «Տղադ ա՛ռ»։ Կինը ներս մտնելով՝ անոր ոտքերը ինկաւ ու գետնէն խոնարհութիւն ըրաւ եւ իր տղան առնելով դուրս ելաւ։ Եղիսէ Գաղգաղա դարձաւ։ Այն երկրին մէջ սով կար ու մարգարէներուն որդիները անոր առջեւ կը նստէին ու անիկա իր ծառային ըսաւ. «Մեծ կաթսան կրակին վրայ դիր եւ մարգարէներուն որդիներուն ապուր եփէ»։ Մէկը դաշտը ելաւ, որպէս զի խոտ հաւաքէ ու վայրենի տունկ մը գտաւ եւ անկէ հանդերձը լեցուն վայրենի վարունգ հաւաքեց ու բերաւ զանոնք ապուրին կաթսային մէջ մանրեց, քանզի չէր ճանչնար։ Այն մարդոց առջեւ դրին, որպէս զի ուտեն։ Երբ այն ապուրէն կերան՝ պոռալով ըսին. «Կաթսային մէջ մահ կայ, ո՛վ մարդ Աստուծոյ» ու չկրցան ուտել։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ալիւր բերէք»։ Զանիկա կաթսային մէջ նետեց ու ըսաւ. «Ժողովուրդին առջեւ դիր, որպէս զի ուտեն»։ Այն ատեն կաթսային մէջ վնասակար բան մը չկար։ Բահաղ-Սաղիսայէն մարդ մը եկաւ ու Աստուծոյ մարդուն երախայրիներէ շինուած հացեր, քսան հատ գարեղէն հաց ու թարմ հասկեր բերաւ իր պարկովը։ Եղիսէ ըսաւ. «Ժողովուրդին տուր, որպէս զի ուտեն»։ Անոր ծառան ըսաւ. «Այս ի՞նչ է որ հարիւր մարդոց առջեւ դնեմ»։ Բայց Եղիսէ ըսաւ. «Ժողովուրդին տո՛ւր, որպէս զի ուտեն, քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Պիտի ուտեն ու պիտի աւելնայ’»։ Եւ անոնց առջեւ դրաւ ու կերան ու Տէրոջը ըսածին պէս աւելցաւ։ Ասորիներու թագաւորին զօրագլուխը Նէեման իր տիրոջը առջեւ մեծ ու յարգելի մարդ մըն էր, քանզի Տէրը անոր ձեռքով Ասորիներուն փրկութիւն տուեր էր։ Այս մարդը զօրաւոր կտրիճ մըն էր, բայց բորոտ էր ։ Ասորիներուն գունդերը ելլելով՝ Իսրայէլի երկրէն պզտիկ աղջիկ մը գերի առեր էին։ Անիկա Նէեմանին կնոջ քովն էր։ Անիկա իր տիկնոջ ըսաւ. «Երանի՜ թէ իմ տէրս Սամարիա եղող մարգարէին քով ըլլար, այն ատեն զանիկա իր բորոտութենէն կը բժշկէր»։ Նէեման գնաց իր տիրոջը պատմեց ու ըսաւ. «Իսրայէլի երկրէն եղող աղջիկը այսպէս ու այսպէս խօսեցաւ»։ Ասորիներու թագաւորը ըսաւ. «Գնա՛ ուրեմն, ես Իսրայէլի թագաւորին նամակ կը ղրկեմ»։ Անիկա գնաց։ Իր ձեռքը տասը տաղանդ արծաթ ու վեց հազար ոսկի ու տասը ձեռք փոխելու հանդերձ առաւ։ Իսրայէլի թագաւորին տարաւ նամակը, ուր այսպէս գրուած էր՝ ՝. «Արդ, երբ այս նամակը քեզի հասնի, գիտցած ըլլաս որ՝ ՝ իմ ծառաս Նէեմանը քեզի կը ղրկեմ, որպէս զի զանիկա իր բորոտութենէն բժշկես»։ Երբ Իսրայէլի թագաւորը նամակը կարդաց՝ իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Միթէ ես մեռցնելու ու ապրեցնելու կարողութիւն ունեցող Աստուա՞ծն եմ, որ ասիկա ինծի մարդ մը ղրկեր է՝ իր բորոտութենէն բժշկելու համար. ուստի աղէկ գիտցէք ու տեսէք, որ անիկա կռիւի պատճառ կը փնտռէ»։ Երբ Աստուծոյ մարդը Եղիսէ լսեց՝ որ Իսրայէլի թագաւորը իր հանդերձները պատռեր է, թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ հանդերձներդ պատռեցիր. թող անիկա ինծի գայ ու գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ մարգարէ կայ»։ Նէեման իր ձիերովն ու կառքովը գնաց ու Եղիսէի տանը դուռը կայնեցաւ։ Եղիսէ մարդ մը ղրկեց անոր՝ ըսելով. «Գնա՛ Յորդանանի մէջ եօթը անգամ լուացուէ՛. մարմինդ քեզի պիտի դառնայ ու պիտի մաքրուիս»։ Նէեման բարկացաւ ու գնաց՝ ըսելով. «Ահա ես կը կարծէի թէ անիկա անտարակոյս իմ քովս պիտի գայ ու կայնի եւ իր Եհովա Աստուծոյն անունը պիտի կանչէ ու ձեռքը այն տեղին վրայ պիտի երերցնէ ու բորոտութիւնը բժշկէ։ Դամասկոսի Աբանա ու Փարփար գետերը Իսրայէլի բոլոր ջուրերէն աղէկ չե՞ն. միթէ չե՞մ կրնար անոնց մէջ լուացուիլ ու մաքրուիլ»։ Եւ դարձաւ բարկութիւնով գնաց։ Իսկ անոր ծառաները մօտեցան ու անոր խօսեցան՝ ըսելով. «Ո՛վ հայր, եթէ մարգարէն քեզի մեծ բան մը ըսէր՝ պիտի չընէի՞ր. ո՞ւր մնաց որ անիկա քեզի ‘Լուացուէ ու պիտի մաքրուիս’, ըսաւ»։ Այն ատեն անիկա իջաւ ու Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ եօթը անգամ Յորդանանի մէջ լուացուեցաւ ու անոր մարմինը պզտիկ տղու մը մարմնին պէս եղաւ ու մաքրուեցաւ։ Անիկա իր բոլոր բանակովը Աստուծոյ մարդուն դարձաւ ու գնաց անոր առջեւ կեցաւ ու ըսաւ. «Ահա հիմա գիտցայ թէ ոեւէ երկրի վրայ Աստուած չկայ, բայց միայն Իսրայէլի մէջ. ուստի հիմա, կ’աղաչեմ, քու ծառայէդ ընծայ մը ընդունէ»։ Բայց Եղիսէ ըսաւ. «Տէ՛րը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է որ պիտի չընդունիմ»։ Նէեման ստիպեց որ ընդունի, բայց անիկա չհաճեցաւ։ Ու Նէեման ըսաւ. «Ուրեմն քու ծառայիդ այս երկրին հողէն երկու ջորիի բեռ հող տուր. քանզի քու ծառադ անգամ մըն ալ ուրիշ աստուածներու ողջակէզ կամ զոհ պիտի չընէ, բայց միայն Եհովային։ Տէրը այս բանին համար քու ծառայիդ թողութիւն թող տայ, այսինքն երբ իմ տէրս Ռեմօնին տունը մտնէ հոն երկրպագութիւն ընելու համար եւ անոր իմ ձեռքիս վրայ կռթնելովը, ես ալ Ռեմօնի տանը մէջ ծռիմ, այս բանին, այսինքն Ռեմօնին տանը մէջ իմ ծռելուս համար Տէրը քու ծառայիդ թողութիւն թող տայ»։ Մարգարէն անոր ըսաւ. «Գնա՛ խաղաղութեամբ» եւ անիկա անոր քովէն գնաց։ Բայց երբ քիչ մը հեռացաւ, Աստուծոյ մարդուն Եղիսէին ծառան Գէեզին ըսաւ. «Ահա իմ տէրս այս Ասորի Նէեմանին խնայեց ու անոր ձեռքէն անոր բերածը չառաւ. Տէրը կենդանի է որ ես անոր ետեւէն պիտի վազեմ եւ անկէ բան մը պիտի առնեմ»։ Գէեզի Նէեմանին ետեւէն վազեց։ Նէեման, երբ տեսաւ թէ ծառան իր ետեւէն կը վազէ, իր կառքէն վար իջաւ զանիկա դիմաւորելու ու ըսաւ. «Ողջութի՞ւն է»։ Անիկա ըսաւ. «Ողջութիւն է. իմ տէրս զիս ղրկեց ու ըսաւ. «Ահա հիմա Եփրեմին լեռնէն մարգարէներու որդիներէն երկու պատանի եկան ինծի. շնորհք ըրէ, անոնց համար տաղանդ մը արծաթ ու երկու ձեռք փոխելու հանդերձ տուր»։ Նէեման ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, երկու տաղանդ ա՛ռ»։ Զանիկա բռնադատեց ու երկու պարկի մէջ երկու տաղանդ արծաթ դրաւ ու երկու ձեռք ալ փոխելու հանդերձ ծրարեց եւ իր ծառաներէն երկուքին տուաւ, որոնք անոր առջեւէն տարին։ Ու երբ բլուրը եկաւ՝ անոնց ձեռքէն առաւ ու տանը մէջ պահեց եւ այն մարդիկը ճամբեց ու գացին։ Ինք ներս գնաց իր տիրոջը առջեւ կեցաւ։ Եղիսէ անոր ըսաւ. «Ո՛վ Գէեզի, ուրկէ՞ կու գաս »։ Անիկա ըսաւ. «Ծառադ տեղ մը չգնաց»։ Եղիսէ ըսաւ անոր. «Երբ այն մարդը իր կառքէն քեզ դիմաւորելու դարձաւ, միթէ իմ հոգիս հոն չէ՞ր ու հիմա արծաթ առնելու եւ հանդերձներ ու ձիթենիներ եւ այգիներ ու ոչխարներ եւ արջառներ ու ծառաներ եւ աղախիններ առնելու ատե՞նն է։ Ուրեմն Նէեմանի բորոտութիւնը քեզի ու սերունդիդ թող փակչի յաւիտեան»։ Անիկա անոր առջեւէն ձիւնի պէս բորոտ դուրս ելաւ։ Մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ըսին. «Ահա այս տեղը, որ մենք քու առջեւդ կը նստինք, մեզի նեղ է։ Երթանք ուրեմն մինչեւ Յորդանան ու այնտեղէն ամէն մէկս մէկմէկ գերան առնենք ու հոն մեզի բնակելու տեղ շինենք»։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք»։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ եկուր» եւ անիկա «Կու գամ», ըսաւ։ Ու անոնց հետ գնաց։ Յորդանան հասնելով ծառեր կտրեցին։ Երբ մէկը գերան մը կը կտրէր, տապարին երկաթը ջուրին մէջ ինկաւ, ուստի անիկա պոռալով՝ ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, կացինը փոխ առնուած էր»։ Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Ո՞ւր ինկաւ»։ Անիկա այն տեղը ցուցուց անոր։ Եղիսէ փայտ մը կտրեց ու հոն նետեց ու երկաթը ջուրին երեսը ելաւ Եւ անոր ըսաւ. « Զանիկա վերցո՛ւր»։ Ան ալ ձեռքը երկնցուց ու կացինը առաւ։ Անգամ մը, երբ Ասորիներուն թագաւորը Իսրայէլի դէմ պատերազմ կ՛ընէր, իր ծառաներուն հետ խորհուրդ ըրաւ ու ըսաւ. «Այս ինչ կամ այն ինչ տեղը բանակ դնեմ»։ Աստուծոյ մարդը Իսրայէլի թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Զգուշացի՛ր, որ այն տեղէն չանցնիս, վասն զի Ասորիները հոն իջած են»։ Իսրայէլի թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ըսած տեղը մարդ ղրկելով տեղեկացաւ եւ անկէ զգուշացաւ շատ անգամ։ Այս բանին համար Ասորիներու թագաւորին սիրտը նեղանալով՝ իր ծառաները կանչեց ու անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք յայտներ ինծի թէ մերիններէն ո՞վ կայ, որ Իսրայէլի թագաւորին լուր կը ղրկէ »։ Ծառաներէն մէկը ըսաւ. «Չկայ այդպիսի մէկը, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, հապա Իսրայէլի մէջ եղող Եղիսէ մարգարէն՝ քու պառկելու սենեակիդ մէջ խօսած խօսքերդ Իսրայէլի թագաւորին կը յայտնէ»։ Եւ թագաւորը ըսաւ. «Գացէ՛ք ու անոր ուր ըլլալը իմացէք, որպէս զի զանիկա բռնել տամ»։ Անոր յայտնեցին ու ըսին. «Ահա անիկա Դօթայիմի մէջ է»։ Ուստի թագաւորը ձիեր ու կառքեր եւ բազմաթիւ զօրքեր ղրկեց հոն, որոնք գիշերով գացին եւ քաղաքը պաշարեցին։ Աստուծոյ մարդուն ծառան առաւօտուն կանուխ ելաւ ու դուրս գնաց եւ ահա զօրքեր, ձիեր ու կառքեր քաղաքը պաշարեր էին ու ծառան տիրոջը ըսաւ. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, ի՞նչ ընենք»։ Եղիսէ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի մեզի հետ եղողները անոնց հետ եղողներէն շատուոր են»։ Եղիսէ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոր աչքերը բաց, որպէս զի տեսնէ»։ Տէրը ծառային աչքերը բացաւ ու տեսաւ որ ահա լեռը Եղիսէին չորս կողմը հրեղէն ձիերով ու կառքերով լեցուն էր։ Երբ անոնք Եղիսէի քով իջան՝ Եղիսէ Տէրոջը աղօթէ ըրաւ ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, այս ազգը կուրութեամբ զարկ»։ Տէրը զանոնք կուրութեամբ զարկաւ Եղիսէի խօսքին համեմատ։ Այն ատեն Եղիսէ անոնց ըսաւ. «ճամբան այս չէ ու քաղաքը ասիկա չէ, ետեւէս եկէք, որպէս զի ձեզ ձեր փնտռած մարդուն տանիմ» եւ զանոնք Սամարիա տարաւ։ Ու երբ Սամարիա եկան, Եղիսէ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ասոնց աչքերը բաց, որպէս զի տեսնեն»։ Տէրը անոնց աչքերը բացաւ ու տեսան եւ ահա Սամարիայի մէջ էին։ Իսրայէլի թագաւորը զանոնք տեսնելով՝ Եղիսէին ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, զարնե՞մ, զարնե՞մ»։ Անիկա ըսաւ. «Մի՛ զարներ. միթէ քու սրովդ ու աղեղովդ գերի բռնածներդ կը զարնե՞ս. անոնց առջեւ հաց ու ջուր դիր, որպէս զի ուտեն, խմեն ու իրենց տիրոջը երթան»։ Անոնց մեծ կոչունք մը ըրաւ։ Կերան խմեցին։ Զանոնք ետ ղրկեց։ Անոնք իրենց տիրոջը գացին։ Ասորիներու գունդերը անգամ մըն ալ Իսրայէլի երկիրը չեկան։ Անկէ ետքը Ասորիներու Բենադադ թագաւորը իր բոլոր բանակը հաւաքեց ու ելաւ Սամարիան պաշարեց։ Սամարիայի մէջ մեծ սով եղաւ, քանզի զանիկա պաշարեր էին, այնպէս որ մէկ իշու գլուխը ութսուն սիկղ արծաթի ու աղաւնիի աղբին՝ ՝ մէկ կապիճին մէկ չորրորդ մասը հինգ սիկղ արծաթի ծախուեցաւ։ Երբ Իսրայէլի թագաւորը պարսպին վրայէն կ’անցնէր, կին մը անոր աղաղակեց ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, օգնէ ինծի »։ Անիկա ըսաւ. «Եթէ Տէրը քեզի չօգնէ, ես քեզի ուրկէ՞ օգնեմ, կալէ՞ն թէ հնձանէն»։ Ու թագաւորը անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Այս կինը ինծի ըսաւ թէ ‘Քու տղադ տուր ու այսօր զանիկա ուտենք եւ իմ տղաս վաղը ուտենք’։ Ուստի իմ տղաս եփեցինք եւ զանիկա կերանք։ Երկրորդ օրը անոր ըսի. ‘Տղադ տուր, որպէս զի ուտենք’, բայց անիկա իր տղան պահեց»։ Թագաւորը այն կնոջ խօսքը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց ու պարսպին վրայէն անցած ատենը՝ ժողովուրդը տեսաւ որ ահա ներսէն անոր մարմնին վրայ քուրձ կար։ Անիկա ըսաւ. «Աստուած ինծի այսպէս ու ասկէ աւելի ընէ, եթէ այսօր Սափատեան Եղիսէին գլուխը իր վրայ մնայ»։ Եղիսէ իր տունը կը նստէր ու ծերերը անոր հետ կը նստէին։ Թագաւորը իր առջեւէն մարդ մը ղրկեց անոր ու պատգամաւորը դեռ չեկած՝ Եղիսէ ծերերուն ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք որ այս մարդասպանին որդին գլուխս առնելու մարդ ղրկեց. նայեցէ՛ք, այն մարդը եկածին պէս դուռը գոցեցէ՛ք ու զանիկա դրանը քով բռնեցէ՛ք. միթէ անոր տիրոջը ոտքերուն ձայնը անոր ետեւէն չէ՞»։ Երբ անոնց հետ կը խօսէր, այն պատգամաւորը անոր քով իջաւ ու ըսաւ. «Ահա այս չարիքը տէրոջմէն է. ա՛լ ասկէ յետոյ Տէրոջմէն ի՞նչ պիտի յուսամ»։ Եղիսէ ըսաւ. «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Վաղը այս ատեն Սամարիայի դրանը մէջ մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղ արծաթի ու երկու գրիւ գարին մէկ սիկղի պիտի ծախուի ’»։ Եւ այն զօրապետը, որուն ձեռքին վրայ թագաւորը կը կռթնէր, Աստուծոյ մարդուն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ Տէրը երկինքը պատուհաններ ալ շինէ, միթէ ատիկա ըլլալո՞ւ բան է»։ Անիկա ըսաւ. «Դուն քու աչքերովդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։ Դրանը առջեւ չորս բորոտ մարդիկ կային։ Անոնք իրարու ըսին. «Ինչո՞ւ հոս նստինք մինչեւ որ մեռնինք. Եթէ քաղաքը մտնենք, քաղաքին մէջ սով կայ ու հոն պիտի մեռնինք։ Եթէ հոս մնանք, նոյնպէս պիտի մեռնինք. ուրեմն եկէք Ասորիներուն բանակը դիմենք. եթէ մեզ ողջ թողուն՝ կ’ապրինք, եթէ մեզ մեռցնեն՝ կը մեռնինք»։ Եւ մութ ատեն ելան, որպէս զի Ասորիներու բանակը երթան ու մինչեւ բանակին ծայրը գացին, բայց հոն մարդ մը չկար. Քանզի Տէրը Ասորիներու բանակին մէջ կառքերու ձայն ու ձիերու ձայն, մեծ զօրքի մը ձայն լսել տուաւ եւ իրարու ըսին. «Ահա Իսրայէլի թագաւորը Քետացիներուն թագաւորներն ու Եգիպտացիներու թագաւորները վարձքով բռնեց, որպէս զի մեր վրայ գան»։ Ու ելան մութին փախան։ Իրենց վրաններն ու ձիերն ու էշերը եւ բանակը եղածին պէս թողուցին ու իրենց անձը ապրեցնելու համար փախան։ Այս բորոտները մինչեւ բանակին ծայրը գացին ու վրան մը մտնելով կերան ու խմեցին եւ անկէ արծաթ ու ոսկի ու հանդերձներ վերցուցին ու տարին պահեցին ու ետ դառնալով՝ ուրիշ վրան մը մտան եւ անկէ ալ վերցուցին ու պահեցին։ Ետքը իրարու ըսին. «Աղէկ չէ մեր ըրածը. այսօր աւետեաց օր է ու մենք լուռ կեցեր ենք. եթէ մինչեւ առաւօտեան լոյսը սպասենք, մեր անօրէնութեանը պատիժը պիտի կրենք՝ ՝. ուստի եկէք երթանք ու թագաւորին տունը պատմենք»։ Գացին քաղաքին դռնապանին պոռացին ու անոր պատմեցին ու ըսին. «Մենք Ասորիներուն բանակը մտանք եւ հոն մարդ կամ մարդու ձայն չկար, բայց միայն ձիերը կապուած ու էշերը կապուած ու վրաններն ալ այնպէս կեցեր են ։ Դռնպանները վազեցին ու թագաւորին իմացուցին։ Թագաւորը գիշերով ելաւ եւ իր ծառաներուն ըսաւ. «Ասորիներուն մեզի ըրած բանը ես ձեզի յայտնեմ։ Անոնք մեր անօթի ըլլալը գիտնալով՝ բանակէն ելած են ու դաշտին մէջ պահուած են՝ ըսելով. ‘Երբ անոնք քաղաքէն դուրս ելլեն՝ զանոնք ողջ բռնենք ու քաղաքը մտնենք’»։ Անոր ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Թող այս ձիերէն հինգը առնեն, որոնք միայն մնացած են եւ հատնելու վրայ են բոլոր Իսրայէլի բազմութեանը պէս եւ հոն երթան ու տեսնեն»։ Ուստի երկու կառք առին իրենց ձիերովը՝ ՝ եւ թագաւորը Ասորիներու բանակին ետեւէն ղրկեց ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, նայեցէ՛ք»։ Անոնք մինչեւ Յորդանան անոնց ետեւէն գացին եւ ահա բոլոր ճամբան լեցուն էր հանդերձներով ու ամաններով, որոնք Ասորիները արտորալով փախած ատեննին ձգեր էին։ Պատգամաւորները ետ դարձան ու թագաւորին պատմեցին։ Այն ատեն ժողովուրդը ելաւ ու Ասորիներուն բանակը կողոպտեց։ Տէրոջը խօսքին համեմատ մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղ արծաթի ու երկու գրիւ գարին մէկ սիկղի ծախուեցաւ։ Թագաւորը դրանը վերակացու դրաւ այն զօրապետը, որուն ձեռքին վրայ ինք կը կռթնէր։ Ժողովուրդը դրանը մէջ զանիկա կոխկռտեցին ու մեռաւ, Աստուծոյ մարդուն խօսքին համեմատ, որ ըսեր էր՝ թագաւորին անոր քով իջած ատենը։ Ու եղաւ այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ մարդը թագաւորին խօսեր էր՝ ըսելով. «Վաղը այս ատեն Սամարիայի դրանը մէջ երկու գրիւ գարին մէկ սիկղ արծաթի ու մէկ գրիւ բարակ ալիւրը մէկ սիկղի պիտի ծախուի»։ Այն զօրապետը Աստուծոյ մարդուն պատասխան տուեր ու ըսեր էր. «Եթէ Տէրը երկինքը պատուհաններ ալ շինէ, միթէ ատիկա ըլլալո՞ւ բան է»։ Աստուծոյ մարդը ըսեր էր. «Ահա դուն քու աչքերովդ պիտի տեսնես, բայց անկէ պիտի չուտես»։ Այդպէս եղաւ անոր, քանզի ժողովուրդը զանիկա դրանը մէջ կոխկռտեցին ու մեռաւ։ Եղիսէ խօսեցաւ այն կնոջ, որուն տղան ողջնցուցեր էր ու ըսաւ. «Ելի՛ր, դուն քու ընտանիքովդ գնա՛ եւ ուր որ կրնաս՝ հոն պանդխտութիւն ըրէ՛, վասն զի Տէրը սովը կանչեց եւ ահա պիտի գայ եօթը տարի այս երկրին վրայ մնալու »։ Այն կինը ելաւ ու Աստուծոյ մարդուն ըսածին պէս ըրաւ։ Ինք իր ընտանիքովը գնաց ու Փղշտացիներու երկրին մէջ եօթը տարի պանդխտութիւն ըրաւ։ Եօթը տարին լմննալէն ետքը՝ այն կինը Փղշտացիներուն երկրէն դարձաւ եւ իր տանը համար ու իր արտին համար թագաւորին բողոքելու գնաց։ Թագաւորը Աստուծոյ մարդուն ծառային Գէեզիին հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Եղիսէին ըրած բոլոր մեծ գործերը ինծի պատմէ»։ Երբ անիկա թագաւորին կը պատմէր, թէ ի՛նչպէս անիկա մեռած տղան ողջնցուց, տեսաւ այն կինը, որուն տղան ողջնցուցեր էր եւ որ իր տանը համար եւ իր արտին համար թագաւորին կը բողոքէր։ Գէեզին ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, ա՛յս է այն կինը ու ա՛յս է անոր տղան, որ Եղիսէ ողջնցուց»։ Երբ թագաւորը կնոջ հարցուց, կինը անոր պատմեց։ Թագաւորը ներքինի մը տուաւ անոր ու ըսաւ. «Ասոր բոլոր ստացուածքը, նաեւ երկիրը ձգած օրէն մինչեւ հիմա իր արտին բոլոր արդիւնքը իրեն դարձուր»։ Եղիսէ Դամասկոս գնաց։ Ասորիներու Բենադադ թագաւորը հիւանդացեր էր։ Թագաւորին պատմեցին ու ըսին թէ ‘Աստուծոյ մարդը հոս եկաւ’։ Թագաւորը Ազայէլին ըսաւ. «Ձեռքդ ընծայ ա՛ռ ու գնա՛ Աստուծոյ մարդը դիմաւորէ՛ ու անոր միջոցով Տէրոջը հարցուր թէ արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ»։ Ազայէլ Եղիսէն դիմաւորելու գնաց ու ձեռքը ընծայ առաւ, այսինքն Դամասկոսի բոլոր բարիքներէն քառասուն ուղտ բեռնաւորուած։ Գնաց եւ անոր առջեւ կեցաւ ու ըսաւ. «Քու որդիդ Ասորիներու Բենադադ թագաւորը զիս քեզի ղրկեց՝ ըսելով. ‘Արդեօք այս հիւանդութենէն պիտի առողջանա՞մ’»։ Եղիսէ անոր ըսաւ. «Գնա՛ անոր ըսէ՝ ‘Անշո՜ւշտ պիտի առողջանաս’. բայց Տէրը ինծի ցուցուց, որ անիկա պիտի մեռնի»։ Աչքերը անթարթափ կերպով տնկեց, մինչեւ որ անիկա ամչցաւ։ Աստուծոյ մարդը լացաւ։ Ազայէլ ըսաւ. «Իմ տէրս ինչո՞ւ կու լայ»։ Անիկա ըսաւ. «Անոր համար որ Իսրայէլի որդիներուն ընելու չարութիւնդ գիտեմ. անոնց ամրոցները կրակով պիտի այրես ու անոնց կտրիճները սրով պիտի մեռցնես եւ անոնց պզտիկ տղաքը գետինը պիտի զարնես ու յղի կիները պիտի ճեղքես»։ Ազայէլ ըսաւ. «Ո՞վ է քու ծառադ, շո՞ւն մը, որ այդ մեծ բաները ընէ»։ Ու Եղիսէ ըսաւ. «Տէրը ինծի ցուցուց, որ դուն Ասորիներուն վրայ թագաւոր պիտի ըլլաս»։ Անիկա Եղիսէին քովէն ելաւ ու իր տիրոջը գնաց։ Թագաւորը հարցուց. «Եղիսէն քեզի ի՞նչ ըսաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Եղիսէն ըսաւ թէ անշուշտ պիտի առողջանայ»։ Հետեւեալ օրը Ազայէլ հաստ լաթ՝ ՝ մը առաւ, ջուրը թաթխեց ու անոր երեսին վրայ փռեց եւ անիկա մեռաւ։ Ազայէլ անոր տեղ թագաւոր եղաւ։ Իսրայէլի թագաւորին Աքաաբեան Յովրամին հինգերորդ տարին, երբ Յովսափատ դեռ Յուդայի վրայ կը թագաւորէր, Յուդայի Յովսափատ թագաւորին որդին՝ Յովրամ թագաւոր եղաւ։ Անիկա երեսունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ ութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Ասիկա Աքաաբին տանը ըրածին պէս՝ Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբան բռնեց. քանզի Աքաաբին աղջիկը ասոր կին եղաւ ու Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Սակայն Տէրը Յուդան կորսնցնել չուզեց՝ իր Դաւիթ ծառային սիրոյն համար, ինչպէս անոր խօսք տուեր էր, որ թէ՛ անոր եւ թէ՛ անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տայ։ Ասոր օրերը Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին։ Յովրամ իր բոլոր կառքերը իրեն հետ առաւ ու Սայիր անցաւ եւ գիշերով ելաւ ու իր չորս կողմը առնող Եդովմայեցիներն ու կառքերու իշխանները զարկաւ եւ ժողովուրդը իրենց վրանները փախան։ Բայց Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Լեբնա ալ ապստամբեցաւ։ Յովրամին մնացորդ պատմութիւնն ու բոլոր ըրածները ահա Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Յովրամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ եւ անոր որդին Ոքոզիա անոր տեղը թագաւոր եղաւ։ Իսրայէլի Աքաաբեան Յովրամ թագաւորին տասնըերկրորդ տարին Յուդայի Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիան թագաւոր եղաւ։ Ոքոզիա քսանըերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Գոթողիա էր, որ Իսրայէլի Ամրի թագաւորին աղջիկն էր։ Անիկա Աքաաբին տանը ճամբուն մէջ քալեց ու Աքաաբին տանը պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, քանզի Աքաաբին տանը փեսան էր։ Անիկա Աքաաբեան Յովրամին հետ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ-Գաղաադ գնաց պատերազմելու համար։ Ասորիները Յովրամը վիրաւորեցին։ Եւ Յովրամ թագաւորը դարձաւ, որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն, որոնք Ասորիները անոր տուեր էին Ռամովթի մէջ՝ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը։ Յուդայի թագաւորը Յովրամին որդին Ոքոզիան Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբին որդին Յովրամը տեսնելու համար. քանզի անիկա հիւանդ էր։ Եղիսէ մարգարէն մարգարէներու որդիներէն մէկը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Գօտիդ մէջքդ կապէ՛ ու այս իւղին շիշը ձեռքդ ա՛ռ եւ Ռամովթ-Գաղաադ գնա՛։ Երբ հոն երթաս՝ Նամեսսեան Յովսափատին որդին Յէուն գտիր ու մտնելով՝ զանիկա իր եղբայրներուն մէջէն ա՛ռ եւ ներքին սենեակ մը տար Ու իւղին շիշը ա՛ռ եւ անոր գլխուն վրայ թափէ՛ ու ըսէ՛. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի»’ ու դուռը բա՛ց ու փախիր, մի՛ ուշանար»։ Այն պատանին, նորահասակ մարգարէն, Ռամովթ-Գաղաադ մնաց։ Երբ հոն հասաւ, տեսաւ զօրքերու իշխանները, որոնք նստեր էին։ Անիկա ըսաւ- «Ո՛վ իշխան, քեզի խօսք մը ունիմ»։ Ու Յէու ըսաւ. «Մեզմէ որո՞ւ»։ Անիկա ըսաւ. «Քեզի՛, ո՛վ իշխան»։ Յէու ելաւ, ներս մտաւ ու անիկա իւղը անոր գլխուն վրայ թափեց ու ըսաւ. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քեզ Տէրոջը ժողովուրդին, Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի. Քու տիրոջդ Աքաաբին տունը պիտի զարնես, որպէս զի իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ արիւնին ու Տէրոջը բոլոր ծառաներուն արիւնին վրէժը առնեմ Յեզաբէլէն։ Աքաաբին բոլոր տունը բնաջինջ պիտի ըլլայ եւ Աքաաբին բոլոր այր մարդիկն ու Իսրայէլի մէջի գերին ու ազատը պիտի կորսնցնեմ։ Աքաաբին տունը Նաբատի որդիին Յերոբովամին տանը պէս ու Աքիային որդիին Բաասային տանը պէս պիտի ընեմ։ Յեզրայէլի ագարակին մէջ շուները Յեզաբէլը պիտի ուտեն ու զանիկա թաղող պիտի չըլլայ’»։ Ետքը դուռը բացաւ ու փախաւ։ Յէու իր տիրոջը ծառաներուն ելաւ, որոնք ըսին. «Ողջութի՞ւն է. այդ անմիտը ինչո՞ւ քեզի եկաւ»։ Յէու անոնց ըսաւ. «Դուք այն մարդն ու անոր խօսքերը գիտէք»։ Անոնք ըսին. «Շիտակ չէ, պատմէ մեզի հիմա»։ Ան ալ ըսաւ. «Անիկա ինծի այսպէս ու այսպէս խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քեզ Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցի»’։ Այն ատեն շուտով ամէն մարդ իր հանդերձը առաւ ու սանդուխին գլխուն վրայ անոր տակ դրին ու փող հնչեցնելով ըսին. «Յէու թագաւոր եղաւ»։ Այսպէս՝ Նամեսսեան Յովսափատին որդին Յէու Յովրամին դէմ գլուխ վերցուց։ (Իսկ Յովրամ բոլոր Իսրայէլին հետ Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին դէմ Ռամովթ-Գաղաադը կը պահպանէր. Սակայն Յովրամ թագաւորը Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը Ասորիներուն տուած վէրքերէն առողջանալու համար Յեզրայէլ դարձեր էր։) Յէու ըսաւ. «Եթէ կը հաճիք, մի՛ թողուք, որ փախստական մը այս քաղաքէն դուրս ելլէ ու երթայ այս բանը Յեզրայէլի մէջ պատմէ»։ Յէու իր կառքը նստաւ Յեզրայէլ գնաց, քանզի Յովրամ հոն պառկած էր։ Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը Յովրամը տեսնելու իջեր էր։ Յեզրայէլի մէջ աշտարակին վրայ դէտ մը կայներ էր, որ Յէուին գունդին գալը տեսնելով՝ ըսաւ. «Ես գունդ մը կը տեսնեմ»։ Յովրամ ըսաւ. «Ձիաւոր մը անոնց դէմ ղրկէ ու թող ըսէ՝ ‘Խաղաղութի՞ւն է’»։ Ձիաւորը զանիկա դիմաւորելու գնաց ու ըսաւ. «Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Խաղաղութի՞ւն է’»։ Յէու ըսաւ. «Դուն խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընես. ետի՛ս անցիր»։ Դէտը պատմեց ու ըսաւ. «Պատգամաւորը մինչեւ անոնց քով գնաց, բայց չդարձաւ»։ Ուրիշ ձիաւոր մը ղրկեց։ Անիկա ալ անոնց գնաց ու ըսաւ. «Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Խաղաղութի՞ւն է’»։ Յէու ըսաւ. «Դուն խաղաղութիւնը ի՞նչ պիտի ընես. ետի՛ս անցիր»։ Ու դէտը պատմեց ու ըսաւ. «Մինչեւ անոնց քով գնաց ու չդարձաւ, բայց այս ընթացքը Նամեսսեան Յէուին ընթացքին կը նմանի, քանզի կատաղաբար կը քշէ»։ Այն ատեն Յովրամ ըսաւ. « Կառքը պատրաստէ՛»։ Անոր կառքը պատրաստեցին։ Իսրայէլի թագաւորը Յովրամ ու Յուդայի թագաւորը Ոքոզիա, ամէն մէկը իր կառքովը Յէուն դիմաւորելու ելան ու զանիկա Յեզրայելացի Նաբովթին ագարակին մէջ գտան։ Յովրամ Յէուն տեսնելուն պէս ըսաւ. «Ո՛վ Յէու, խաղաղութի՞ւն է»։ Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչպէս խաղաղութիւն ըլլայ, քանի որ քու մօրդ Յեզաբէլին պոռնկութիւններն ու կախարդութիւնները կը շատնան»։ Յովրամ ձեռքերը դարձուց ու փախաւ ու Ոքոզիային ըսաւ. «Ո՛վ Ոքոզիա, դաւաճանութիւն կայ»։ Յէու իր աղեղը ուժով քաշեց՝ ՝ ու Յովրամը ուսերուն մէջտեղէն զարկաւ։ Նետը անոր սրտէն ելաւ ու անիկա իր կառքին մէջ կծկուեցաւ։ Յէու իր զօրագլուխին Բադեկարին ըսաւ. «Ասիկա վերցո՛ւր, Յեզրայելացի Նաբովթին կալուածին մէջ նետէ. քանզի միտքդ բեր թէ՝ երբ ես ու դուն անոր հօրը Աքաաբին ետեւէն ձիերու վրայ հեծած՝ քովէ քով կ’երթայինք, Տէրը անոր դէմ այս վճիռը տուաւ։ ‘Թէ իրաւցընէ երէկ Նաբովթի արիւնն ու անոր որդիներուն արիւնը տեսայ ու քեզի այս ագարակին մէջ պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը։ Անոր համար հիմա վերցո՛ւր զանիկա, այս ագարակին մէջ նետէ՛, Տէրոջը ըսածին պէս»։ Յուդայի Ոքոզիա թագաւորը այս բանը տեսնելով՝ պարտէզի տանը ճամբայէն փախաւ։ Յէու անոր ետեւէն իյնալով՝ ըսաւ. «Ասիկա ալ կառքին վրայ զարկէք»։ Այս եղաւ Յեբղաամի քով եղող Գուր բլուրին վրայ։ Ան Մակեդդով փախաւ ու հոն մեռաւ։ Անոր ծառաները զանիկա կառքով Երուսաղէմ տարին ու զանիկա Դաւիթին քաղաքը իր գերեզմանին մէջ իր հայրերուն հետ թաղեցին։ Եւ Ոքոզիա Աքաաբի որդիին Յովրամին տասնըմէկերորդ տարին Յուդայի վրայ թագաւոր եղեր էր։ Յէու Յեզրայէլ եկաւ ու երբ Յեզաբէլ լսեց՝ իր աչքերուն ծարոյր դրաւ եւ իր գլուխը զարդարեց ու պատուհանէն նայեցաւ։ Երբ Յէու դռնէն ներս կը մտնէր, անիկա ըսաւ. «Միթէ իր տէրը մեռցնող Զամբրի յաջողութի՞ւն գտաւ »։ Յէու իր երեսը դէպի պատուհանը վերցուց ու ըսաւ. «Ինծի հետ ո՞վ կայ, ո՞վ»։ Երկու երեք ներքինիներ իրեն նայեցան։ Այն ատեն ըսաւ. «Զանիկա վա՛ր նետեցէք»։ Զանիկա վար նետեցին։ Անոր արիւնէն պատին ու ձիերուն վրայ ցատկեց ու անոնք կոխկռտեցին զանիկա։ Ան ներս մտաւ ու կերաւ խմեց ու ըսաւ. «Հիմա այս անիծուած կնոջ հո՛գ տարէք ու զանիկա թաղեցէ՛ք, քանզի թագաւորի աղջիկ է»։ Զանիկա թաղելու գացին. բայց անոր գանկէն ու ոտքերէն ու ձեռքերուն թաթերէն զատ ուրիշ բան մը չգտան։ Եւ դարձան Յէուին պատմեցին։ Ան ըսաւ. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ իր ծառային Թեզբացի Եղիային միջոցով խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Յեզաբէլին մարմինը Յեզրայէլի ագարակին մէջ շուները պիտի ուտեն Ու Յեզաբէլի դիակը Յեզրայէլի ագարակին մէջ՝ արտի երեսի վրայ եղող աղբի պէս պիտի ըլլայ, այնպէս որ չըսուի թէ «Ասիկա Յեզաբէլն է»’»։ Աքաաբ Սամարիայի մէջ եօթանասուն որդի ունէր։ Յէու նամակ մը գրեց եւ Սամարիա ղրկեց Յեզրայէլի իշխաններուն ու ծերերուն եւ Աքաաբի որդիներուն հոգաբարձուներուն ու ըսաւ. «Երբ այս նամակը ձեզի հասնի, ահա ձեր տիրոջ որդիները ձեր քով են ու կառքեր ու ձիեր եւ պարսպապատ քաղաք ու զէնքեր ալ ունիք, Ուրեմն ձեր տիրոջ որդիներէն ո՛րը որ աղէկ ու յարմար կը դատէք՝ զանիկա իր հօրը աթոռին վրայ նստեցուցէ՛ք ու ձեր տիրոջ տանը համար պատերազմ ըրէ՛ք»։ Անոնք խիստ շատ վախցան ու ըսին. «Ահա երկու թագաւորներ չկրցան անոր առջեւ կենալ, մենք ի՞նչպէս պիտի կենանք»։ Եւ պալատին հազարապետն ու քաղաքապետը ու ծերերը եւ հոգաբարձուները Յէուին մարդ ղրկեցին ու ըսին. «Մենք քու ծառաներդ ենք ու մեզի ինչ որ հրամայես՝ պիտի ընենք. բնաւ մէկը թագաւոր պիտի չդնենք։ Քու աչքերուդ աղէկ երեւցածը ըրէ»։ Յէու անոնց նորէն նամակ գրեց՝ ըսելով. «Եթէ դուք ինծի հետ էք ու իմ խօսքիս մտիկ կ’ընէք, ձեր տիրոջ որդիներուն գլուխները առէ՛ք ու վաղը այս ատեն Յեզրայէլ եկէք»։ Թագաւորին որդիները եօթանասուն հոգի էին ու զիրենք մեծցնող քաղաքի մեծերուն քովն էին։ Նամակը անոնց հասածին պէս՝ թագաւորին որդիները բռնեցին ու եօթանասունն ալ մորթեցին եւ անոնց գլուխները կողովներու մէջ դրին եւ ղրկեցին Յեզրայէլ։ Երբ լրաբեր մը եկաւ ու անոր պատմեց՝ ըսելով. «Թագաւորին որդիներուն գլուխները բերին», անիկա ըսաւ. «Զանոնք մինչեւ առտու դրանը քով դրէք երկու դէզ ընելով »։ Առտուն դուրս ելաւ կայնեցաւ եւ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք արդար էք. ահա ես իմ տիրոջս դէմ գլուխ վերցուցի ու զանիկա մեռցուցի, բայց ասոնք ո՞վ մեռցուց։ Հիմա գիտցէք թէ Տէրոջը խօսքէն բնաւ բան մը գետինը պիտի չիյնայ, որ Տէրը Աքաաբին տանը համար խօսեցաւ ու Տէրը իր ծառային Եղիային միջոցով ըսածը ըրաւ»։ Յէու Յեզրայէլի մէջ Աքաաբին տունէն բոլոր մնացածներն ու անոր բոլոր մեծ նախարարները եւ մտերիմ բարեկամներն ու քուրմերը մեռցուց, այնպէս որ մնացորդ մը չթողուց։ Անկէ ետքը ելաւ Սամարիա գնաց ու ճամբուն վրայ հովիւներու Բեթակադին հասնելով. Յէու Յուդայի Ոքոզիա թագաւորին եղբայրները գտաւ ու անոնց ըսաւ. «Դուք ո՞վ էք»։ Անոնք ըսին. «Ոքոզիային եղբայրներն ենք։ Թագաւորին որդիներն ու թագուհիին որդիները ողջունելու իջանք»։ Այն ատեն ան ըսաւ. «Ասոնք ողջ բռնեցէք»։ Զանոնք ողջ բռնեցին եւ Բեթակադի ջրհորին քով մեռցուցին զանոնք։ Քառասունըերկու հոգի էին ու անոնցմէ մէկը ողջ չթողուց։ Անկէ գնաց ու Ռեքաբին որդին Յովնադաբը գտաւ։ Անոր բարեւ տուաւ ու ըսաւ. «Ինչպէս իմ սիրտս քու սրտիդ հետ ուղիղ է, արդեօք քու սիրտդ ալ այնպէս ուղի՞ղ է» Յովնադաբ ըսաւ. «Այո՛»։ «Ուրեմն ձեռքդ տուր»։ Անիկա ձեռքը տուաւ։ Զանիկա կառքին մէջ իր քով առաւ Եւ ըսաւ. «Ինծի հետ եկո՛ւր ու Տէրոջը համար ունեցած նախանձաւորութիւնս տես»։ Այսպէս անոր կառքը հեծցուցին զանիկա։ Սամարիա գնաց ու Սամարիայի մէջ Աքաաբէն բոլոր մնացածները զարկաւ, մինչեւ որ զանիկա բնաջինջ ըրաւ՝ այն խօսքին համեմատ, որ Տէրը Եղիային խօսեր էր։ Յէու բոլոր ժողովուրդը հաւաքեց ու անոնց ըսաւ. «Աքաաբ Բահաղին քիչ ծառայութիւն ըրաւ, Յէու անոր շատ ծառայութիւն պիտի ընէ, Ուստի Բահաղին բոլոր մարգարէները, բոլոր ծառաներն ու բոլոր քուրմերը ինծի կանչեցէ՛ք։ Մա՛րդ մը պակաս չըլլայ, քանզի Բահաղին մեծ զոհ պիտի ընեմ՝ ՝։ Հոն չգտնուողը պիտի չապրի»։ Ասիկա Յէու խաբէութեամբ ըրաւ, որպէս զի Բահաղին ծառայութիւն ընողները բնաջինջ ընէ։ Յէու ըսաւ. «Բահաղին համար տօնախմբութիւն մը սահմանեցէք»։ Ծանուցում ըրին։ Յէու բոլոր Իսրայէլին պատգամաւորներ ղրկեց ու Բահաղին բոլոր ծառայութիւնը ընողները եկան, այնպէս որ բացակայ մարդ չմնաց։ Բահաղին տունը ծայրէ ծայր լեցուեցաւ։ Այն ատեն հանդերձապետին ըսաւ. «Բահաղին բոլոր ծառայութիւն ընողներուն պատմուճանները հանէ»։ Անոնց պատմուճանները հանեց։ Յէու Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին հետ Բահաղին տունը մտաւ ու Բահաղին ծառայութիւն ընողներուն ըսաւ. «Փնտռեցէ՛ք նայեցէ՛ք, պէտք չէ որ ձեզի հետ Եհովային ծառաներէն մարդ գտնուի, այլ միայն Բահաղին ծառայութիւն ընողները»։ Զոհեր ու ողջակէզներ ընելու մտան։ Յէու իրեն համար դուրսը ութսուն մարդ կեցուց ու անոնց ըսաւ. «Ով որ ձեռքը տուած մարդոցմէս մէկը ազատէ, իր անձը անոր անձին տեղ պիտի ըլլայ»։ Երբ ողջակէզը լմնցուց, Յէու սուրհանդակներուն ու զօրապետներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, ասոնք մեռցուցէ՛ք. մարդ մը դուրս պէտք չէ ելլէ»։ Զանոնք սուրէ անցուցին։ Սուրհանդակներն ու զօրապետները զանոնք նետեցին ու ետքը Բահաղին տանը քաղաքը մտան։ Եւ Բահաղին տանը արձանները հանեցին ու զանոնք կրակով այրեցին։ Բահաղին արձանը կործանեցին ու Բահաղին տունը փլցուցին ու զանիկա արտաքնոց ըրին մինչեւ այսօր։ Այսպէս Յէու Իսրայէլէն բնաջինջ ըրաւ Բահաղը։ Սակայն Յէու Իսրայէլի մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն, այսինքն Բեթէլի ու Դանի մէջ եղող ոսկիէ հորթերէն ետ չկեցաւ։ Եւ Տէրը Յէուին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն իմ աչքերուս առջեւ ուղիղ եղածը գործադրեցիր ու Աքաաբի տանը բոլոր իմ սրտիս մէջ եղածին համեմատ ըրիր, քու որդիներդ մինչեւ չորրորդ ազգը Իսրայէլի աթոռին վրայ պիտի նստին»։ Բայց Յէու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն օրէնքին մէջ բոլոր սրտով քալելու զգուշութիւն չըրաւ ու Իսրայէլի մեղանչել տուող Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։ Այն օրերը Տէրը սկսաւ Իսրայէլը կոտորել։ Ազայէլ Իսրայելացիներու բոլոր սահմաններուն մէջ զանոնք զարկաւ՝ Յորդանանէն դէպի արեւելք բոլոր Գաղաադի երկիրը, այսինքն Գադեանները, Ռուբենեաններն ու Մանասեանները՝ Առնոն ձորին վրայ եղող Արոէրէն մինչեւ Գաղաադ ու Բասան։ Յէուի մնացորդ պատմութիւնն ու բոլոր ըրածը ու բոլոր զօրութիւնը, Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Յէու իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Սամարիայի մէջ թաղեցին։ Անոր որդին Յովաքազը անոր տեղ թագաւոր եղաւ։ Յէու Իսրայէլի վրայ Սամարիայի մէջ քսանըութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Ոքոզիային մայրը՝ Գոթողիա՝ իր զաւկին մեռնիլը տեսնելով, ելաւ բոլոր թագաւորական սերունդը բնաջինջ ըրաւ։ Բայց Յովրամ թագաւորին աղջիկը՝ Ոքոզիային քոյրը Յօսաբէէն՝ Ոքոզիային որդին Յովասը առաւ ու թագաւորին սպաննուած որդիներուն մէջէն գողցաւ զանիկա ու անոր դայեակը եւ Գոթողիային երեսէն անկողիններու սենեակին մէջ պահեց զանիկա, այնպէս որ ան չմեռցուեցաւ։ Անիկա անոր հետ վեց տարի Տէրոջը տանը մէջ պահուեցաւ, մինչ երկրին վրայ Գոթողիա թագաւորութիւն կ’ընէր։ Եօթներորդ տարին Յովիադա մարդ ղրկեց եւ հարիւրապետները, թիկնապահներն ու սուրհանդակները կանչեց եւ զանոնք իր քով Տէրոջը տունը բերաւ ու անոնց հետ ուխտ ըրաւ ու Տէրոջը տանը մէջ անոնց երդում ընել տուաւ ու թագաւորին որդին անոնց ցուցուց Եւ անոնց պատուիրելով՝ ըսաւ. «Ահա ձեր ընելիքը այս է։ Ձեր մէկ երրորդ մասը, որ շաբաթ օրը պիտի մտնեն՝ թագաւորին տանը պահպանութիւն պիտի ընեն։ Մէկ երրորդ մասը՝ Սուրի դուռը ու մէկ երրորդ մասն ալ սուրհանդակներու ետեւի դուռը պիտի կենան ։ Այսպէս տանը պահպանութիւնը պիտի ընէք, որպէս զի մարդ չմտնէ։ Ձեզմէ երկու գունդ, այսինքն անոնք որ շաբաթ օրը պիտի ելլեն, թագաւորին շուրջը Տէրոջը տանը պահպանութիւնը պիտի ընեն։ Ամէն մարդ իր զէնքերը ձեռքը՝ թագաւորին չորս կողմը թող կենայ ու ով որ կարգերէն ներս մտնէ՝ պիտի սպաննէք։ Այսպէս թագաւորին քով պիտի կենաք անոր ելած ու մտած ատենը»։ Հարիւրապետները Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածները ըրին։ Ամէն մէկը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ շաբաթ օրը մտնողները եւ թէ՛ շաբաթ օրը ելլողները ու Յովիադա քահանային քով եկան։ Քահանան Տէրոջը տունը եղած Դաւիթ թագաւորին նիզակներն ու վահանները հարիւրապետներուն տուաւ։ Սուրհանդակներէն իւրաքանչիւրը իր զէնքը ձեռքը՝ տանը քով թագաւորին շուրջ կեցան։ Ան թագաւորին որդին դուրս հանեց ու անոր վրայ թագը դրաւ ու վկայեց անոր համար եւ զանիկա թագաւոր հռչակեցին ու օծեց որ ծափ զարնելով՝ ըսին. «Կեցցէ՛ արքայ»։ Գոթողիա երբ վազող ժողովուրդին ձայնը լսեց, Տէրոջը տունը ժողովուրդին եկաւ Ու տեսաւ որ ահա թագաւորը իր սովորութեան համաձայն սիւնին քով էր եւ զօրապետներն ու փողահարները թագաւորին քովն էին ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախանալով փողեր կը հնչեցնէին։ Այն ատեն Գոթողիա իր հանդերձները պատռեց ու պոռաց. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։ Եւ Յովիադա քահանան զօրքերուն վրայ եղող հարիւրապետներուն հրամայեց ու անոնց ըսաւ. «Ասիկա կարգերուն մէջէն հանեցէք ու անոր ետեւէն գացողը սրով մեռցուցէ՛ք, (քանզի քահանան որոշեր էր որ Տէրոջը տանը մէջ չմեռցուին։) Անոր վրայ ձեռքերնին երկնցուցին ու երբ անիկա թագաւորական տունը մտնող ձիերուն ճամբայէն կ’երթար, հոն մեռցուցին։ Յովիադա Տէրոջը ու թագաւորին ու ժողովուրդին մէջտեղ ուխտ ըրաւ, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան. նաեւ թագաւորին ու ժողովուրդին մէջտեղ։ Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը Բահաղին տունը մտան եւ զանիկա կործանեցին եւ անոր սեղաններն ու կուռքերը կտոր կտոր ըրին եւ Բահաղին քուրմը Մատթանը սեղաններուն առջեւ սպաննեցին։ Քահանան Տէրոջը տանը մէջ պաշտօնեաներ դրաւ։ Եւ հարիւրապետները, թիկնապահներն ու սուրհանդակները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը առաւ եւ թագաւորը Տէրոջը տունէն իջեցուցին ու սուրհանդակներուն դրանը ճամբայէն թագաւորին տունը մտան։ Անիկա թագաւորական աթոռին վրայ նստաւ։ Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախացաւ ու քաղաքը հանդարտութեան մէջ էր. իսկ Գոթողիան թագաւորական տանը քով սրով մեռցուեցաւ։ Յովաս եօթը տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ։ Յէուի եօթներորդ տարին Յովաս թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաք էն։ Յովաս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ այն բոլոր օրերուն մէջ, որ Յովիադա քահանան անոր կը սորվեցնէր։ Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան. ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։ Յովաս քահանաներուն ըսաւ. «Տէրոջը տունը բերուած սուրբ բաներուն բոլոր ստակը, համրուած մարդոց ստակը, գինը կտրուած անձերուն ստակը, այն բոլոր ստակը, որ մէկը իր սրտէն բղխելով Տէրոջը տանը կը բերէ, թող քահանաները առնեն. Քահանաներն ալ, ամէն մէկը իր ճանչուորներէն թող պակաս առնէ եւ Տէրոջը տանը փլած տեղերը թող նորոգէ»։ Սակայն Յովաս թագաւորին քսանըերեքերորդ տարին՝ քահանաները տանը փլած տեղերը չնորոգեցին։ Յովաս թագաւորը իրեն կանչեց Յովիադա քահանան ու միւս քահանաները եւ անոնց ըսաւ. «Տանը փլած տեղերը ինչո՞ւ չէք նորոգեր։ Այլեւս ձեր ճանչուորներէն ստակ մի՛ առնէք, հապա զանիկա տանը փլած տեղերուն համար գործածեցէք»։ Քահանաները հաւանութիւն տուին, որ իրենք ստակ չառնեն ժողովուրդէն, ո՛չ ալ տանը փլած տեղերը նորոգեն՝ ՝։ Յովիադա քահանան սնտուկ մը առաւ, անոր վրայ ծակ մը ծակեց, զանիկա սեղանին քով՝ Տէրոջը տունը մտնողներուն աջ կողմը դրաւ։ Դուռը սպասող քահանաները Տէրոջը տունը բերուած բոլոր ստակը հոն կը դնէին։ Երբ տեսնէին թէ սնտուկին մէջ ստակը շատցեր է, թագաւորին գրագիրն ու մեծ քահանան կ’ելլէին ու Տէրոջը տունը գտնուած ստակը համրելով կը ծրարէին։ Պատրաստուած ստակը Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը կու տային, որպէս զի անոնք Տէրոջը տանը մէջ գործող հիւսներուն ու շինողներուն Եւ որմնադիրներուն ու քարահատներուն վճարեն։ Ասկէ զատ՝ Տէրոջը տանը փլած տեղերը նորոգելու համար փայտեր ու տաշուած քարեր ծախու առնեն եւ տանը նորոգութեան համար բոլոր պէտք եղած բաները գնեն։ Բայց Տէրոջը տունը բերուած ստակէն՝ Տէրոջը տանը համար արծաթէ գաւաթներ, աշտանակներ, կոնքեր, փողեր ու ոսկիէ ամաններ կամ արծաթէ ամաններ բնաւ չշինուեցան. Քանզի բանուորներուն կու տային զանիկա, որպէս զի անով Տէրոջը տունը նորոգեն։ Բայց որոնց ձեռքը, որ կը յանձնէին այն ստակը՝ բանուորներուն տալու համար, անոնցմէ հաշիւ չէին առներ. քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կ’աշխատէին։ Եւ յանցանքի կամ մեղքի համար գանձուած ստակը Տէրոջը տունը չէր մտներ։ Անոնք քահանաներուն կը պատկանէին։ Այդ ատեն Ասորիներու Ազայէլ թագաւորը ելաւ Գէթի դէմ պատերազմ ըրաւ ու զանիկա առաւ։ Բայց երբ Ազայէլ իր երեսը դարձուց, որպէս զի Երուսաղէմի վրայ քալէ, Յուդայի թագաւորը Յովաս՝ իր հայրերուն, Յուդայի թագաւորներուն, Յովսափատին ու Յովրամին եւ Ոքոզիային նուիրուած բոլոր սուրբ բաներն ու իր նուիրածը եւ Տէրոջը տանն ու թագաւորական տանը գանձերուն մէջ գտնուած բոլոր ոսկին առաւ ու Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին ղրկեց։ Այն ատեն անիկա Երուսաղէմէն ետ քաշուեցաւ։ Յովասին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Անոր ծառաները ոտքի ելան ու անոր դէմ դաւադրութիւն ըրին ու Յովասը զարկին Մելօնի տանը մէջ, որ Սիլլայի զառիվայրին վրայ է։ Անոր ծառաները, Սամեթին որդին Յովզաքարն ու Սովմերին որդին Յովզաբադը զանիկա զարկին ու մեռցուցին։ Զանիկա իր հայրերուն հետ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ամասիան թագաւոր եղաւ։ Յուդայի թագաւորին, Ոքոզիային որդիին Յովասին քսանըերեքերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Յէուի որդին Յովաքազը թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու տասնըեօթը տարի թագաւորեց ։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն հետեւեցաւ ու անոնցմէ ետ չկեցաւ։ Տէրոջը բարկութիւնը Իսրայէլին վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք շարունակ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին ձեռքն ու Ազայէլին որդիին Բենադադին ձեռքը մատնեց։ Յովաքազ Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու Տէրը անոր մտիկ ըրաւ. քանզի տեսաւ Իսրայէլին նեղութիւնը, որով Ասորիներուն թագաւորը զանոնք նեղեց։ Եւ Տէրը Իսրայէլին փրկիչ մը տուաւ, որ Ասորիներուն ձեռքէն ազատեց եւ Իսրայէլի որդիները երէկուան ու միւս օրուան պէս իրենց վրաններուն մէջ նստեցան։ Բայց Իսրայէլին մեղանչել տուող Յերոբովամին տանը մեղքերէն ետ չկեցան, հապա անոնց մէջ քալեցին ու Աստարովթի կուռքն ալ Սամարիայի մէջ կը կենար։ Յովաքազին ուրիշ զօրք չթողուց, միայն յիսուն ձիաւոր, տասը կառք ու տասը հազար հետեւակ զօրք. վասն զի Ասորիներուն թագաւորը զանոնք բնաջինջ ըրեր էր ու զանոնք կոխկռտուած հողի պէս ըրեր էր։ Յովաքազին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերն ու զօրութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Յովաքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Զանիկա Սամարիայի մէջ թաղեցին եւ անոր տեղ անոր որդին Յովասը թագաւոր եղաւ։ Յուդայի Յովաս թագաւորին երեսունըեօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի վրայ Յովաքազին որդին Յովասը թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու տասնըվեց տարի թագաւորեց ։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր մեղքերէն ետ չկեցաւ, հապա անոնց մէջ քալեց։ Յովասին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը եւ Յուդայի Ամասիա թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատեն իր քաջութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Յերոբովամը նստաւ անոր աթոռը։ Յովաս Իսրայէլի թագաւորներուն հետ Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ։ Եղիսէ իր մեռնելու հիւանդութիւնովը հիւանդացաւ։ Իսրայէլի թագաւորը Յովաս անոր իջաւ ու անոր համար լացաւ ու ըսաւ. «Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլի կառքն ու անոր ձիաւորները»։ Ու Եղիսէ անոր ըսաւ. «Աղեղ մը ու նետեր ա՛ռ»։ Անիկա աղեղ մը ու նետեր առաւ։ Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Ձեռքովդ լարէ աղեղը»։ Անիկա ձեռքով լարեց աղեղը։ Եղիսէ իր ձեռքերը թագաւորին ձեռքերուն վրայ դրաւ Ու ըսաւ. «Արեւելեան կողմի պատուհանը բա՛ց»։ Ան ալ բացաւ։ Եղիսէ ըսաւ. «Նետէ՛»։ Ան ալ նետեց։ Այն ատեն Եղիսէ ըսաւ. «Տէրոջը փրկութեանը նետը եւ Ասորիներուն վրայ տարուած յաղթանակի նետը. քանզի Ափեկի մէջ պիտի զարնես մինչեւ որ հատցնես»։ Նաեւ ըսաւ. «Նետերը ա՛ռ»։ Անիկա առաւ։ Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Գետինը զա՛րկ»։ Անիկա երեք անգամ գետինը զարկաւ ու կեցաւ։ Աստուծոյ մարդը անոր բարկանալով՝ ըսաւ. «Եթէ հինգ կամ վեց անգամ զարնէիր, այն ատեն Ասորիները պիտի զարնէիր ու պիտի հատցնէիր. բայց հիմա Ասորիները միայն երեք անգամ պիտի զարնես»։ Եղիսէ մեռաւ եւ զանիկա թաղեցին։ Ու հետեւեալ տարին Մովաբացիներուն գունդերը երկրին վրայ եկան։ Երբ մարդ մը կը թաղէին, ահա գունդ մը տեսան։ Մարդը Եղիսէին գերեզմանը նետեցին։ Այն մարդը Եղիսէին ոսկորներուն դպածին պէս կենդանացաւ ու իր ոտքերուն վրայ կայնեցաւ։ Եւ Ասորիներու Ազայէլ թագաւորը Յովաքազին բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլը նեղեց։ Բայց Տէրը Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին հետ իր ըրած ուխտին համար անոնց ողորմեցաւ ու գթութիւն ըրաւ։ Անոնց նայեցաւ եւ զանոնք կորսնցնել չուզեց ու զանոնք դեռ իր երեսէն չձգեց։ Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորը մեռաւ ու անոր տեղ իր որդին Բենադադը թագաւոր եղաւ։ Յովաքազին որդին Յովաս Ազայէլի որդիին Բենադադին ձեռքէն ետ առաւ այն քաղաքները, որոնք Ազայէլ անոր հօրը Յովաքազին ձեռքէն պատերազմով առեր էր։ Յովաս զանիկա երեք անգամ զարկաւ ու Իսրայէլի քաղաքները ետ առաւ։ Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովաքազեան Յովասին՝ երկրորդ տարին Յուդայի թագաւորին Յովասին որդին Ամասիա թագաւոր եղաւ։ Անիկա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանը ինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յովադան էր ու Երուսաղէմացի էր։ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ իր հօրը Դաւիթին պէս. իր հօրը Յովասին բոլոր ըրածներուն համաձայն ըրաւ։ Սակայն բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։ Երբ թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր թագաւոր հայրը սպաններ էին։ Բայց սպաննողներուն որդիները չմեռցուց, ինչպէս Մովսէսին օրէնքներու գրքին մէջ գրուած է, թէ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. «Տղոց յանցանքին համար հայրերը մի՛ մեռցնէք ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք, հապա ամէն մարդ իր յանցանքին համար թող մեռցուի»։ Ասիկա Աղի ձորին մէջ տասը հազար Եդովմայեցի զարկաւ ու Վէմը պատերազմով առաւ եւ անոր անունը Յեկթովէլ կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Ամասիա Իսրայէլի թագաւորին, Յէուին որդիին Յովաքազին որդիին Յովասին դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, երես երեսի տեսնուինք»։ Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Լիբանանի փուշը Լիբանանի եղեւնափայտին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով. ‘Քու աղջիկդ իմ տղուս կնութեան տուր’. բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ ու փուշը կոխկռտեց։ Իրա՛ւ, Եդովմայեցիները զարկիր ու քու սիրտդ քեզ հպարտացուց. քու փառքովդ գոհ եղի՛ր՝ ՝ ու տունդ նստէ՛. քանզի ինչո՞ւ համար չարութեան խառնուիս, որ իյնաս դուն ու քեզ հետ Յուդան ալ»։ Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ։ Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը ելաւ եւ ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ երես երեսի տեսնուեցան։ Յուդա Իսրայէլի առջեւ յաղթուեցաւ ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։ Իսրայէլի Յովաս թագաւորը՝ Ոքոզիայի որդիին Յովասին որդին Ամասիան, Յուդայի թագաւորը Բեթսամիւսի մէջ բռնեց ու Երուսաղէմ տարաւ ու Եփրեմի դռնէն մինչեւ Անկեան դուռը Երուսաղէմի պարսպէն չորս հարիւր կանգուն փլցուց։ Բոլոր ոսկին ու արծաթը եւ Տէրոջը տանը մէջ ու թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած բոլոր ամանները առաւ եւ պատանդներ ալ առաւ ու Սամարիա դարձաւ։ Յովասին գործերուն մնացորդ պատմութիւնն ու անոր զօրութիւնը եւ Յուդայի Ամասիա թագաւորին հետ ըրած պատերազմը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Յովաս իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Իսրայէլի թագաւորներուն հետ Սամարիայի մէջ թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Յերոբովամը թագաւոր եղաւ։ Յուդայի թագաւորը, Յովասին որդին Ամասիա, Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովաքազի՝ որդիին Յովասին մեռնելէն ետքը տասնըհինգ տարի ապրեցաւ։ Ամասիայի մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ Անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ դաւաճանութիւն ըրին եւ անիկա Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին ու զանիկա հոն մեռցուցին։ Անիկա ձիերով վերցուեցաւ ու Երուսաղէմ իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը Ազարիան առին, որ տասնըվեց տարեկան էր ու զանիկա իր հօրը Ամասիային տեղ թագաւոր ըրին։ Ասիկա Ելաթը շինեց ու թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետքը զանիկա Յուդայի դարձուց։ Յուդայի թագաւորին, Յովասին որդիին Ամասիային տասնըհինգերորդ տարին Իսրայէլի Յովաս թագաւորին որդին Յերոբովամը Սամարիայի մէջ թագաւոր եղաւ ու քառասունըմէկ տարի թագաւորեց ։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին բոլոր մեղքերէն ետ չկեցաւ։ Ասիկա Իսրայէլի սահմանը Եմաթի մուտքէն մինչեւ դաշտի ծովը վերագրաւեց՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն խօսքին համեմատ, որ իր ծառային Գեթքոփերացի Ամաթեան Յովնան մարգարէին միջոցով ըսեր էր։ Քանզի Տէրը տեսաւ Իսրայէլի խիստ սաստիկ տառապանքը, երբ ո՛չ գերի ու ո՛չ ազատ կար ու Իսրայէլ օգնական ալ չունէր։ Եւ Տէրը չըսաւ թէ Իսրայէլի անունը երկնքի տակէն բնաջինջ պիտի ընեմ. ուստի Յովասեան Յերոբովամին ձեռքով զանոնք ազատեց։ Յերոբովամին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր գործերն ու պատերազմական քաջութիւնը եւ Դամասկոսն ու Եմաթը Յուդային ետ դարձուիլը Իսրայէլի մէջ, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Յերոբովամ իր հայրերուն, Իսրայէլի թագաւորներուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ անոր որդին Զաքարիան թագաւոր եղաւ։ Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին քսանըեօթներորդ տարին Յուդայի Ամասիա թագաւորին որդին Ազարիան թագաւոր եղաւ։ Անիկա տասնըվեց տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր որ Երուսաղեմացի էր։ Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիային բոլոր ըրածին պէս։ Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։ Տէրը թագաւորը զարկաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր եւ զատ տան մը մէջ կը բնակէր ու պալատին վրայ իշխողը թագաւորին որդին Յովաթամն էր։ Անիկա կը դատէր երկրին ժողովուրդը։ Ազարիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Ազարիան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղը անոր որդին Յովաթամը թագաւոր եղաւ։ Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունըութերորդ տարին Իսրայէլի վրայ Յերոբովամին որդին Զաքարիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ։ Վեց ամիս թագաւորեց ։ Անիկա իր հայրերուն ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։ Յաբիսին որդին Սեղղում անոր դէմ գլուխ վերցուց եւ զանիկա ժողովուրդին առջեւ զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։ Զաքարիային մնացորդ պատմութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ Ասիկա Տէրոջը խօսքն է, որ Յէուին խօսեր էր՝ ըսելով. «Իսրայէլի աթոռին վրայ քու որդիներդ մինչեւ չորրորդ ազգը պիտի նստին»։ Այնպէս ալ եղաւ։ Յաբիսին որդին Սեղղում Յուդայի Ոզիա թագաւորին երեսունըիններորդ տարին թագաւոր եղաւ ու Սամարիայի մէջ մէկ ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Գադդիին որդին Մանայեմը Թերսայէն ելաւ ու Սամարիա եկաւ։ Սամարիայի մէջ Յաբիսին որդին Սեղղումը զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։ Սեղղումին մնացորդ պատմութիւնն ու ըրած դաւաճանութիւնը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Այն ատեն Մանայեմը Թափսան ու բոլոր անոր մէջ եղողները ու անոր սահմանը զարկաւ մինչեւ Թերսա՝ ՝ եւ զանիկա չբանալնուն համար զարկաւ ու հոն եղող բոլոր յղի կիները ճեղքեց։ Յուդայի Ազարիա թագաւորին երեսունըիններորդ տարին Իսրայէլի վրայ Գադդիին որդին Մանայեմը թագաւոր եղաւ ու Սամարիայի մէջ տասը տարի թագաւորեց ։ Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու իր բոլոր օրերուն մէջ Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։ Ասորեստանի Փուղ թագաւորը երկրին վրայ եկաւ։ Մանայեմ հազար տաղանդ արծաթ տուաւ Փուղին, որպէս զի անիկա իրեն օգնական ըլլայ՝ ՝, թագաւորութիւնը իր ձեռքին մէջ հաստատելու համար։ Մանայեմ այս արծաթը Ասորեստանի թագաւորին տալու համար Իսրայէլի բոլոր հարուստներուն վրայ հարկ դրաւ։ Ամէն մէկէն յիսունական սիկղ արծաթ առաւ ։ Ասորեստանի թագաւորը ետ դարձաւ ու այն երկրին մէջ չկեցաւ։ Մանայեմին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր ամէն ըրածը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Մանայեմ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Փակէիան թագաւոր եղաւ։ Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսուներորդ տարին Իսրայէլի վրայ Մանայեմին որդին Փակէիան թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ։ Երկու տարի թագաւորեց ։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։ Անոր զօրապետը Ռովմելային որդին Փակէէն անոր դէմ գլուխ վերցուց ու իրեն հետ Արգովբն ու Արիէն ու Գաղաադացիներէն յիսուն մարդ առաւ եւ Սամարիայի մէջ թագաւորին տանը ներսի կողմը՝ ՝ զանիկա զարկաւ մեռցուց։ Անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ։ Փակէիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Յուդայի Ազարիա թագաւորին յիսունըերկրորդ տարին Իսրայէլի վրայ Ռովմելային որդին Փակէէն թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու քսան տարի թագաւորեց ։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերէն ետ չկեցաւ։ Իսրայէլի Փակէէ թագաւորին օրերը Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը եկաւ ու Իյօնը եւ Աբէլ-Բեթմաաքան ու Յանովէն եւ Կադէսն ու Յասորը եւ Գաղաադն ու Գալիլիան եւ Նեփթաղիմի բոլոր երկիրը առաւ ու անոնց բնակիչները Ասորեստան գերի տարաւ։ Էլային որդին Ովսէէն Ռովմելային որդիին Փակէէին դէմ դաւաճանութիւն ըրաւ եւ զանիկա զարկաւ մեռցուց ու անոր տեղ ինք թագաւոր եղաւ Ոզիայի որդիին Յովաթամին քսաներորդ տարին։ Փակէէին մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր գործերը Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Իսրայէլի թագաւորին, Ռովմելայի որդիին Փակէէին երկրորդ տարին Յուդայի թագաւորին Ոզիային որդին Յովաթամը թագաւոր եղաւ։ Անիկա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ։ Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յերուսա էր, որ Սադովկին աղջիկն էր։ Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Ոզիային ըրածին պէս ըրաւ։ Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան։ Ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին ու խունկ կը ծխէին։ Ասիկա Տէրոջը տանը ամենէն բարձր դուռը շինեց։ Յովաթամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Այն օրերը Տէրը Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Ռովմելային որդին Փակէէն Յուդայի վրայ ղրկեց։ Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ իր հօրը Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղը անոր որդին Աքազը թագաւոր եղաւ։ Ռովմելային որդիին Փակէէին տասնըեօթներորդ տարին Յուդայի թագաւորին Յովաթամին որդին Աքազը թագաւոր եղաւ։ Աքազ քսան տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Դաւիթին պէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղղութիւն չըրաւ, Հապա Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց ու իր որդին ալ կրակէ անցուց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, որոնք Տէրը Իսրայէլին որդիներուն առջեւէն վռնտեց։ Բարձր տեղերն ու բլուրներու վրայ եւ ամէն կանանչ ծառերու տակ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։ Այն ատեն Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլին թագաւորը, Ռովմելային որդին Փակէէն, Երուսաղէմի վրայ պատերազմելու ելան ու Աքազը պաշարեցին, բայց պատերազմը շարունակելու կարող չեղան։ Այն ատեն Ասորիներուն Ռասին թագաւորը Ելաթը Ասորիներուն դարձուց եւ Յուդայեանները Ելաթէն վռնտեց ու Ասորիները Ելաթ եկան ու հոն բնակեցան մինչեւ այսօր։ Աքազ Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորին դեսպաններ ղրկեց ու ըսաւ. «Ես քու ծառադ ու որդիդ եմ. ելի՛ր ու զիս ազատէ՛ Ասորիներու թագաւորին ձեռքէն ու Իսրայէլի թագաւորին ձեռքէն, որոնք իմ վրայ ելեր են»։ Աքազ Տէրոջը տանը մէջ ու թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած արծաթն ու ոսկին առաւ եւ Ասորեստանի թագաւորին ընծայ ղրկեց։ Ասորեստանի թագաւորը անոր մտիկ ըրաւ եւ Ասորեստանի թագաւորը Դամասկոսի վրայ գնաց ու զանիկա առաւ եւ անոր բնակիչները Կիր գերի տարաւ ու Ռասինը մեռցուց։ Աքազ թագաւորը Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը դիմաւորելու համար Դամասկոս գնաց ու Դամասկոսի մէջ եղած սեղանը տեսաւ։ Աքազ թագաւորը այն սեղանին օրինակն ու ձեւը՝ անոր բոլոր շինուածքին համեմատ Ուրիա քահանային ղրկեց։ Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն ղրկած օրինակին նման սեղան մը շինեց Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն գալէն առաջ։ Երբ թագաւորը Դամասկոսէն եկաւ, թագաւորը սեղանը տեսաւ, սեղանին մօտեցաւ ու անոր վրայ ողջակէզ մատուցանեց։ Իր ողջակէզն ու հացի ընծան այրեց ու նուէրը թափեց եւ իր խաղաղութեան զոհին արիւնը այն սեղանին վրայ սրսկեց։ Տէրոջը առջեւ եղող պղնձէ սեղանը տանը առջեւէն, այսինքն նոր սեղանին ու Տէրոջը տանը մէջտեղէն քաշեց ու զանիկա նոր սեղանին քով դրաւ դէպի հիւսիս։ Աքազ թագաւորը Ուրիա քահանային հրամայեց՝ ըսելով. «Մեծ սեղանին վրայ առտուան ողջակէզն ու իրիկուան հացի ընծան ու երկրին բոլոր ժողովուրդին ողջակէզը եւ անոնց հացի ընծան ու անոնց նուէրները պիտի մատուցանես ու ողջակէզներուն եւ զոհերուն արիւնը անոր վրայ պիտի սրսկես ու պղնձէ սեղանը իմս պիտի ըլլայ՝ հոն հարցնելու համար»։ Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին բոլոր հրամայածին պէս ըրաւ։ Աքազ թագաւորը խարիսխներուն սպառուածները կտրեց ու աւազանները անոնց վրայէն վերցուց։ Ծովն ալ իր տակ եղող պղնձէ եզներուն վրայէն իջեցուց ու զանիկա քարայատակի մը վրայ դրաւ։ Տէրոջը տանը մէջ շինուած շաբաթին ծածկոցն ու թագաւորին դուրսի ճամբան Ասորեստանի թագաւորին պատճառով Տէրոջը տունը դարձուց։ Աքազին գործերուն մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղը անոր որդին Եզեկիան թագաւոր եղաւ։ Յուդայի Աքազ թագաւորին տասնըերկրորդ տարին Իսրայէլի վրայ Էլայի որդին Ովսէէն թագաւոր եղաւ Սամարիայի մէջ ու ինը տարի թագաւորեց ։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, բայց ոչ իրմէ առաջ եղող Իսրայէլի թագաւորներուն պէս։ Ասոր դէմ ելաւ Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը։ Ովսէէն անոր ծառայ եղաւ ու անոր հարկ կու տար։ Ասորեստանի թագաւորը Ովսէէին վրայ նենգութիւն գտաւ, որովհետեւ անիկա Եգիպտոսի Սովա թագաւորին դեսպաններ ղրկեր էր ու Ասորեստանի թագաւորին ամէն տարուան հարկը վճարած չէր, ուստի Ասորեստանի թագաւորը զանիկա բռնեց ու բանտին մէջ կապեց։ Ասորեստանի թագաւորը բոլոր երկրին վրայ արշաւեց. Սամարիայի վրայ ալ արշաւեց ու զանիկա երեք տարի պաշարեց։ Ովսէէին իններորդ տարին Ասորեստանի թագաւորը Սամարիան առաւ ու Իսրայէլը Ասորեստան փոխադրեց եւ զանոնք Գովզան գետին քով Քաղայի ու Քաբովրի մէջ ու Մարերու քաղաքներուն մէջ բնակեցուց, Քանզի Իսրայէլի որդիները զիրենք Եգիպտոսի երկրէն, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատող իրենց Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցին եւ ուրիշ աստուածներէ վախցան։ Տէրոջը Իսրայէլի առջեւէն վռնտած ազգերուն կանոններուն համեմատ եւ Իսրայէլի թագաւորներուն ըրած կանոն ներուն համեմատ քալեցին։ Իսրայէլի որդիները իրենց Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղիղ չեղած բաները գաղտուկ ըրին եւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ, պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը, իրենց բարձր տեղեր շինեցին։ Անոնք բարձր բլուրներու վրայ եւ կանանչ ծառերու տակ իրենց արձաններ ու Աստարովթի կուռքեր՝ ՝ կանգնեցուցին Եւ հոն բարձր տեղերու վայ խունկ ծխեցին՝ Տէրոջը անոնց առջեւէն վռնտած ազգերուն պէս ու չար գործեր ըրին ու Տէրը բարկացուցին Եւ կուռքերու ծառայութիւն ըրին, որոնց համար Տէրը անոնց ըսեր էր թէ «Այդ բանը մի՛ ընէք»։ Տէրը բոլոր մարգարէներուն ու բոլոր տեսանողներուն միջոցով Իսրայէլի ու Յուդայի վկայութիւն ընելով՝ ըսեր էր. «Ձեր չար ճամբաներէն դարձէ՛ք եւ իմ պատուիրանքներս ու կանոններս պահեցէ՛ք այն ամէն օրէնքին համեմատ, որ ձեր հայրերուն պատուիրեցի ու իմ ծառաներուս մարգարէներուն՝ միջոցով ձեզի ղրկեցի»։ Բայց անոնք մտիկ չըրին, այլ իրենց պարանոցները Տէր Աստուծոյն չհաւատացող իրենց հայրերուն պարանոցին պէս խստացուցին։ Անոր կանոններն ու իրենց հայրերուն հետ՝ անոր ըրած ուխտը եւ անոր տուած վկայութիւնները մէկդի ձգեցին ու սնապաշտութեան ետեւէ գացին ու սնապաշտ եղան եւ իրենց չորս կողմը գտնուած ազգերուն հետեւեցան, որոնց համար Տէրը իրենց պատուիրեր էր, որ անոնց պէս չընեն։ Բայց իրենց Տէր Աստուծոյն բոլոր պատուիրանքները թողուցին եւ երկու հատ ձուլածոյ հորթ շինեցին ու Աստարովթի կուռք շինեցին ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրին եւ Բահաղին ծառայեցին։ Իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակէ անցուցին եւ կախարդութիւն ու հմայութիւն ըրին եւ զիրենք ծախեցին Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելու ու զանիկա բարկացնելու։ Ուստի Տէրը խիստ բարկացաւ ու զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Այնպէս որ միայն Յուդայի ցեղը մնաց։ Յուդա ալ իր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքները չպահեց, հապա Իսրայէլին կանոններովը քալեց։ Եւ Տէրը Իսրայէլին բոլոր սերունդը մերժեց ու զանոնք չարչարեց եւ զանոնք յափշտակողներու ձեռքը մատնեց, մինչեւ որ զանոնք բոլորովին իր երեսէն ձգեց. Ու երբ Իսրայէլը Դաւիթի տունէն պատռեց, անոնք ալ Նաբատեան Յերոբովամը թագաւոր դրին։ Յերոբովամ արգիլեց, որ Իսրայէլ Տէրոջը հետեւի ու անոնց մեծ մեղք գործել տուաւ։ Իսրայէլի որդիները Յերոբովամին բոլոր գործած մեղքերուն մէջ քալեցին, անոնցմէ ետ չկեցան, Մինչեւ որ Տէրը իր առջեւէն վերցուց, ինչպէս իր բոլոր ծառաներուն, մարգարէներուն միջոցով ըսեր էր։ Այսպէս Իսրայէլ իր երկրէն Ասորեստան փոխադրուեցաւ մինչեւ այսօր։ Ասորեստանի թագաւորը Բաբելոնէն, Քութայէն, Աւայէն, Եմաթէն ու Սեփարուիմէն մարդիկ բերաւ ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ Իսրայէլի որդիներուն տեղը բնակեցուց։ Անոնք Սամարիան ժառանգեցին ու անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցան։ Երբ անոնք սկսան հոն բնակիլ, Տէրոջմէ չէին վախնար, ուստի Տէրը անոնց մէջ առիւծներ ղրկեց, որ զանոնք մեռցնեն։ Ասորեստանի թագաւորին խօսեցան ու ըսին. «Այն ազգերը, որոնք դուն փոխադրեցիր ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուցիր, այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չեն գիտեր, ուստի անիկա անոնց մէջ առիւծներ ղրկեր է եւ ահա զանոնք կը մեռցնեն՝ այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը չգիտնալնուն համար»։ Այն ատեն Ասորեստանի թագաւորը հրաման ըրաւ՝ ըսելով. «Ձեր բերած գերի քահանաներէն մէկը հոն տարէք, որ երթայ հոն բնակի ու այն երկրին Աստուծոյն կրօնքը անոնց սորվեցնէ»։ Սամարիայէն գերի բերուած քահանաներէն մէկը գնաց Բեթէլի մէջ բնակեցաւ ու անոնց կը սորվեցնէր թէ ի՛նչպէս Տէրոջմէ վախնալու էին։ Ամէն մէկ ազգ իր աստուածները կը շինէր ու Սամարացիներուն շինած բարձր տեղերու տուներուն մէջ կը դնէր, ամէն մէկ ազգ իր բնակած քաղաքին մէջ։ Բաբելացիները Սաքքովթ-Բանովթը շինեցին ու Քութացիները Ներգաղը շինեցին ու Եմաթացիները Ասիմաթը շինեցին Եւ Աւացիները Նեփասն ու Թարթակը շինեցին ու Սեփարուիմացիները իրենց տղաքը Սեփարուիմացիներու աստուածներուն, Ադրամելէքին ու Անամելէքին համար կրակով կ’այրէին։ Քանի որ Տէրոջմէ կը վախնային, իրենց ամենէն ցած մարդոցմէն բարձր տեղերու քուրմեր կ’որոշէին, որոնք անոնց համար բարձր տեղերու տուներուն մէջ զոհ կ’ընէին։ Անոնք Տէրոջմէ կը վախնային, նաեւ իրենց աստուածներուն ծառայութիւն կ’ընէին այն ազգերուն արարողութիւններովը՝ որոնց մէջէն փոխադրուած էին։ Անոնք մինչեւ այսօր առաջուան սովորութիւններուն պէս կ’ընեն. ո՛չ Տէրոջմէ կը վախնան եւ ո՛չ իրենց կանոններն ու պատուիրանքները կը կատարեն, ո՛չ ալ այն օրէնքն ու պատուիրանքը, որ Տէրը Յակոբի որդիներուն տուաւ, որուն անունը Իսրայէլ դրեր էր։ Տէրը անոնց հետ ուխտ ըրեր էր ու անոնց պատուիրեր էր՝ ըսելով. «Ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք ու անոնց երկրպագութիւն մի՛ ընէք եւ անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք ու անոնց զոհ մի՛ մատուցանէք. Հապա ձեզ Եգիպտոսի երկրէն մեծ զօրութիւնով ու բարձր բազուկով հանող Տէրոջմէն վախցէ՛ք եւ անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք ու անոր զոհ մատուցանեցէ՛ք։ Ձեզի համար տրուած պատուէրները, օրէնքն ու պատուիրանքը միշտ զգուշութեամբ գործադրեցէք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք Ու ձեզի հետ ըրած ուխտս մի՛ մոռնաք եւ ուրիշ աստուածներէ մի՛ վախնաք. Հապա ձեր Տէր Աստուծմէն վախցէք ու անիկա ձեր բոլոր թշնամիներուն ձեռքէն ձեզ պիտի ազատէ»։ Բայց անոնք հնազանդութիւն չըրին, հապա իրենց առաջուան սովորութիւններուն պէս ըրին։ Այս ազգերն ալ թէպէտ Տէրոջմէ կը վախնային, բայց իրենց կուռքերուն ալ ծառայութիւն կ’ընէին. նաեւ անոնց որդիներն ու անոնց որդիներուն որդիները մինչեւ այսօր իրենց հայրերուն ըրածին պէս կ’ընեն։ Իսրայէլի թագաւորին, Էլային որդիին Ովսէէին երկրորդ տարին Յուդայի Աքազ թագաւորին որդին Եզեկիան թագաւոր եղաւ։ Քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Աբիա էր ու Զաքարիային աղջիկն էր։ Իր հօրը Դաւիթին ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Ասիկա բարձր տեղերը վերցուց ու արձանները կոտրտեց եւ Աստարովթի կուռքերը կոտրտեց եւ Մովսէսին շինած պղնձէ օձը կտոր կտոր ըրաւ, (քանզի մինչեւ այն օրերը Իսրայէլի որդիները անոր խունկ կը ծխէին,) ու զանիկա Նէեսթան կոչեց։ Անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ապաւինեցաւ եւ անկէ ետքը Յուդայի բոլոր թագաւորներուն մէջ անոր նմանը չեղաւ, ոչ ալ անկէ առաջ եղողներուն մէջ։ Տէրոջը յարեցաւ եւ անոր ետեւէն չխոտորեցաւ։ Տէրոջը Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները պահեց։ Ուստի Տէրը անոր հետ էր եւ ուր որ երթար յաջողութիւն կը գտնէր։ Ասորեստանի թագաւորէն ապստամբեցաւ ու անոր ծառայութիւն չըրաւ։ Անիկա Փղշտացիները զարկաւ մինչեւ Գազա ու անոր սահմանները՝ պահապաններու աշտարակէն մինչեւ պարսպապատ քաղաքը։ Եզեկիա թագաւորին չորրորդ տարին, որ Իսրայէլի թագաւորին՝ Էլայի որդիին Ովսէէին՝ եօթներորդ տարին էր, Ասորեստանի Սաղմանասար թագաւորը Սամարիայի վրայ յարձակեցաւ ու զանիկա պաշարեց։ Երեք տարիէն զանիկա առաւ։ Սամարիա Եզեկիայի վեցերորդ տարին (այսինքն Իսրայէլի թագաւորին Ովսէէին իններորդ տարին) առնուեցաւ։ Ասորեստանի թագաւորը Իսրայէլը Ասորեստան փոխադրեց եւ զանոնք Գովզան գետին քով, Քաղայի ու Քաբովրի մէջ ու մարերու քաղաքներուն մէջ բնակեցուց, Վասն զի անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ականջ չդրին ու անոր ուխտը չպահեցին եւ Տէրոջը ծառային Մովսէսին ամէն պատուիրածներուն մտիկ չըրին ու չգործադրեցին։ Եզեկիա թագաւորին տասնըչորրորդ տարին Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք առաւ։ Յուդայի Եզեկիա թագաւորը Լաքիս մարդ ղրկեց Ասորեստանի թագաւորին՝ ըսելով. «Մեղա՜յ, նահանջէ՛, բայց ինչ որ հարկ դնես՝ կը հատուցանեմ»։ Ասորեստանի թագաւորը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին վրայ երեք հարիւր տաղանդ արծաթ ու երեսուն տաղանդ ոսկի հարկ դրաւ։ Եզեկիա Տէրոջը տանը մէջ գտնուած բոլոր արծաթը տուաւ։ Այն ատեն Եզեկիա Տէրոջը տաճարին դռներուն ու դրանդիքներուն վրայի ոսկին քակեց, որ ինք ՝ Յուդայի Եզեկիա թագաւորը՝ զանոնք պատեր էր ու Ասորեստանի թագաւորին տուաւ։ Ասորեստանի թագաւորը Տարաթանը, Ռաբսարիսն ու Ռափսակը շատ զօրքով Լաքիսէն Երուսաղէմ ղրկեց Եզեկիա թագաւորին. անոնք Երուսաղէմ եկան ու հոն հասնելով՝ Թափիչին ագարակին ճամբան եղող վերի աւազանին ջրմուղին վրայ կեցան Ու թագաւորը կանչեցին եւ Քեղկիայի որդին Եղիակիմը, պալատին հազարապետը ու Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաքը անոնց եկան։ Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Եզեկիային ըսէ՛ք, Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ է այդ յոյսը, որուն դուն կ’ապաւինիս. Դուն ըսիր, Պատերազմի համար խորհուրդ ու զօրութիւն ունիմ. բայց շրթունքի խօսքեր են։ Հիմա որո՞ւ ապաւինելով ինծմէ ապստամբեցար։ Ահա դուն այն ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսին ապաւինեցար, որու եթէ մարդ մը կռթնի, ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ։ Եգիպտոսի փարաւոն թագաւորը բոլոր իրեն ապաւինողներուն այնպէս է’։ Բայց եթէ ինծի ըսէք թէ «Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն կ’ապաւինինք», ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու սեղանները Եզեկիան վերցուց եւ Յուդային ու Երուսաղէմին ըսաւ. « Միայն այս սեղանին առջեւ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն ըրէք»։ Ու հիմա իմ տիրոջս, Ասորեստանի թագաւորին հետ հաշտուէ՝ ՝ ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն անոնց վրայ հեծնողներ դնելու կարող ես։ Եւ իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել, որ դուն կառքերու ու ձիերու համար Եգիպտոսին կ’ապաւինիս։ Հիմա այս երկրին վրայ արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն ելեր եմ՝ զանիկա աւերելու համար։ Ինծի Եհովան ըսաւ. «Այն երկրին վրայ ելիր ու զանիկա աւերէ՛»։ Քեղկիայի որդին Եղիակիմը եւ Սեբնան ու Յովաքը Ռափսակին ըսին. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ Ասորերէն խօսէ, քանզի մենք կը հասկնանք ու մեզի հետ Եբրայեցերէն մի՛ խօսիր, քանի որ պարսպին վրայ եղող ժողովուրդը կը լսէ»։ Բայց Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Միթէ այս խօսքերը խօսելու համար իմ տէրս զիս քու տիրոջդ ու քեզի՞ միայն ղրկեց. չէ՞ որ այս մարդոց ալ՝ որոնք պարսպին վրայ կը նստին, ձեզի հետ իրենց աղբը ուտելու ու իրենց մէզը խմելու դատապարտուած են»։ Ռափսակ ոտքի ելաւ ու մեծ ձայնով Եբրայեցերէն աղաղակեց ու խօսեցաւ՝ ըսելով. «Մեծ թագաւորին, Ասորեստանի թագաւորին, խօսքը մտիկ ըրէք. Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ, քանզի անիկա չի կրնար ձեզ անոր ձեռքէն՝ ՝ ազատել։ Եզեկիա թող ձեզ չվստահեցնէ, ըսելով. ‘Եհովան անշուշտ մեզ պիտի ազատէ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի’։ Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէ՛ք ու ինծի եկէ՛ք եւ ամէն մարդ իր որթատունկէն ու ամէն մարդ իր թզենիէն պիտի ուտէ եւ ամէն մարդ իր ջրհորին ջուրէն պիտի խմէ Մինչեւ որ ես գամ ու ձեզ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր մը տանիմ, որպէս զի ապրիք ու չմեռնիք։ Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի ձեզ գլխէ կը հանէ՝ ըսելով. ‘Եհովա մեզ պիտի ազատէ’։ Միթէ ազգերու աստուածները Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն՝ իրենց երկիրը կրցա՞ն ազատել։ Եմաթին ու Արփաթին աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմին, Անային ու Աւային աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն։ Երկիրներուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովա Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ՛»։ Բայց ժողովուրդը լուռ կեցաւ եւ անոր պատասխան մը չտուաւ, քանզի թագաւորը հրաման ըրեր էր՝ ըսելով. «Անոր պատասխան մի՛ տաք»։ Ու Քեղկիայի որդին Եղիակիմը, պալատին հազարապետը եւ Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափի որդին Յովաքը հանդերձնին պատռած՝ Եզեկիային գացին ու Ռափսակին խօսքերը անոր յայտնեցին։ Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ եւ Տէրոջը տունը մտաւ։ Պալատին հազարապետը Եղիակիմ եւ Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած՝ Ամովսի որդիին Եսայի մարգարէին ղրկեց։ Անոր ըսին. Եզեկիան այսպէս կ’ըսէ. «Այսօր նեղութեան, կշտամբանքի ու նախատինքի օր է. քանզի տղաքը մինչեւ ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։ Կարելի է որ քու Տէր Աստուածդ Ռափսակին բոլոր խօսքերը լսէ, որ իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար ու քու Տէր Աստուածդ այն իր լսած խօսքերուն համար յանդիմանէ. ուրեմն դուն մնացորդին համար աղօթք ըրէ՛»։ Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիին գացին։ Եսայի անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը այսպէս ըսէք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները ինծի հայհոյեցին։ Ահա ես անոր վրայ ոգի մը պիտի ղրկեմ։ Ան լուր մը լսելով իր երկիրը պիտի դառնայ ու զանիկա իր երկրին մէջ սրով պիտի կործանեմ’»։ Ռափսակ դարձաւ ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ, որ Լեբնայի հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր թէ Լաքիսէն չուեր է։ Սենեքերիմ Եթովպացիներուն Թարակա թագաւորին համար լսեց, որ կ’ըսէին. «Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է»։ Նորէն Եզեկիային դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Յուդայի Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսեցէք ու ըսէք. ‘Այն քու Աստուածդ, որուն դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ՝ ըսելով, Երուսաղէմ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի։ Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին ու ի՛նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս։ Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովզանի, Խառանի, Ռեսեփի ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմին որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։ Ո՞ւր են Եմաթին թագաւորն ու Արփաթին թագաւորը ու Սեփարուիմ քաղաքին՝ Անային եւ Աւային թագաւորը’»։ Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց եւ Տէրոջը տունը ելաւ ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ բացաւ զանիկա։ Ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ով Տէր Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ Աստուած միայն դուն ես. երկինքն ու երկիրը դուն ստեղծեցիր։ Ո՛վ Տէր, ականջդ խոնարհեցուր ու լսէ՛. ո՛վ Տէր, աչքերդ բաց ու նայէ՛ եւ լսէ՛ Սենեքերիմին խօսքերը, որ ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար։ Ո՛վ Տէր, իրաւցընէ Ասորեստանի թագաւորները՝ ազգերը ու անոնց երկիրը աւերեցին Եւ անոնց աստուածները կրակի տուին, վասն զի անոնք Աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար, էին. անոր համար զանոնք կորսնցուցին։ Հիմա դուն, ո՜վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրի բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դո՛ւն ես Աստուած»։ Ամովսի որդին Եսայի Եզեկիային մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսէս կ’ըսէ. ‘Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար ինծի ըրած աղօթքդ լսեցի. Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է. «Սիօնին կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ. Երուսաղէմին աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։ Դուն զո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր Եւ աչքերդ Իսրայէլի սուրբին դէմ վեր վերցուցիր։ Քու դեսպաններուդ ձեռքով Տէրը նախատելով՝ ըսիր. ‘Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձունքը, Լիբանանի քովերը ելայ Ու անոր բարձր եղեւինները Եւ ընտիր մայրիները պիտի կտրեմ՝ ՝ Ու անոր վերջին բնակութիւնը Անոր Կարմեղոսին անտառը պիտի մտնեմ։ Ես փորեցի ու օտար ջուրերը խմեցի Ու պաշարուած տեղերուն՝ ՝ բոլոր գետերը Ոտքերուս թաթերովը ցամքեցուցի։ Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա շատոնցմէ ես կազմեցի Ու սկիզբէն ծրագրեցի. Հիմա կատարեցի, Որպէս զի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի հողակոյտերու դարձնես։ Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար Զարհուրեցան ու ամչցան. Անոնք դաշտի խոտի պէս Եւ կանանչ բանջարի պէս, Տանիքի խոտի պէս Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնուած հունձքի պէս եղան։ Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ Եւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ։ Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս հասան։ Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ Եւ իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ։ Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ. Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք, Իսկ երրորդ տարին ցանեցէք ու հնձեցէք Եւ այգիներ տնկեցէք ու անոնց պտուղը կերէք։ Յուդայի տունէն ազատուած մնացորդը Վարէն արմատ պիտի արձակէ Ու վերէն պտուղ պիտի տայ, Քանզի Երուսաղէմէն մնացորդ մը Ու Սիօն լեռնէն վերապրողներու խումբ մը պիտի ելլէ։ Ասիկա զօրքերու Տէրոջը նախանձախնդրութիւնը պիտի ընէ։ Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ Ու անոր նետ պիտի չնետէ Եւ անոր առջեւ վահանով պիտի չգայ Ու անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնեցնէ։ Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ’, կ’ըսէ Տէրը։ Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ Ու զանիկա ազատեմ ինծի համար Ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։ Ու այն գիշերը Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ։ Երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնքը մեռած մարմիններ էին։ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ։ Երբ անիկա իր աստուծոյն Նեսրաքին տանը մէջ երկրպագութիւն կ’ընէր, անոր որդիները Ադրամելէքն ու Սարասարը զանիկա սրով զարկին ու Արարատի երկիրը փախան։ Անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ։ Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս’»։ Անիկա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, յիշէ թէ քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալեցի եւ քու աչքիդ առջեւ բարի եղածը ըրի»։ Եզեկիա դառնօրէն լացաւ։ Եսայի տակաւին միջին գաւիթէն ելած չէր, երբ Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Դարձի՛ր ու իմ ժողովուրդիս իշխանին Եզեկիային ըսէ. ‘Քու հօրդ Դաւիթին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ, ահա քեզ պիտի բժշկեմ ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը պիտի ելլես Եւ քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ ու քեզ եւ այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ եւ այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։ Ու Եսայի ըսաւ. «Քանի մը չոր թուզ առէք ու դրէք վէրքին վրայ եւ պիտի առողջանայ»։ Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը զիս բժշկելուն ու երրորդ օրը Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Եսայի ըսաւ. «Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան պիտի ըլլայ, որ Տէրը իր ըրած խօսքը պիտի կատարէ։ Ստուերը կա՛մ տասը աստիճան առաջ պիտի երթայ, կա՛մ տասը աստիճան ետ պիտի դառնայ»։ Եզեկիա ըսաւ. «Ստուերին տասը աստիճան առաջ երթալը դիւրին է. ուստի ստուերը տասը աստիճան ետ թող դառնայ»։ Եսայի մարգարէն Տէրոջը աղաղակեց ու ստուերը տասը աստիճան ետ դարձուց այն աստիճաններէն, որ Աքազի արեւու ժամացոյցին վրայ իջած էր։ Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանին որդին Մարովդաք-Բաղադան՝ ՝, նամակներ ու ընծաներ ղրկեց Եզեկիային, քանզի Եզեկիային հիւանդ ըլլալը լսեր էր։ Եզեկիա անոնց մտիկ ըրաւ՝ ՝ եւ թանկագին բաներուն գանձատունը, արծաթն ու ոսկին ու խունկերը եւ պատուական իւղն ու իր զինարանը եւ իր բոլոր գանձերը ցուցուց։ Իր տանը մէջ եւ իր բոլոր տէրութեանը մէջ բան մը չմնաց, որ Եզեկիա անոնց չցուցնէ։ Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Այս մարդիկը ի՞նչ ըսին եւ ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա ըսաւ. «Հեռու տեղէ, Բաբելոնէն եկան»։ Անիկա ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա ըսաւ. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան ու գանձերուս մէջ բան չմնաց, որ չցուցուցի»։ Այն ատեն Եսայի Եզեկիային ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ. ‘Ահա օրեր պիտի գան, երբ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու քու հայրերդ մինչեւ այսօր ինչ որ հաւաքեցին՝ Բաբելոն պիտի տարուին. բան մը պիտի չմնայ’, կ’ըսէ Տէրը Ու քեզմէ ելլելու՝ քու ծնանելու որդիներէդ պիտի առնեն եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինիներ պիտի ըլլան»։ Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը, որ դուն ըսիր, բարի է»։ Նաեւ ըսաւ. « Բարի չէ՞ քանի որ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։ Եզեկիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր բոլոր զօրութիւնը ու շինած աւազանն ու ջրմուղը եւ քաղաքը բերած ջուրը՝ Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ անոր որդին Մանասէն թագաւոր եղաւ։ Մանասէն տասնըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Էփսիփա էր։ Անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն հետեւելով՝ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Անիկա իր հօրը Եզեկիային կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց ու Բահաղին սեղաններ եւ Աստարովթին կուռք մը շինեց Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին ըրածին պէս ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ եւ անոնց ծառայութիւն ըրաւ Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որուն համար Տէրը ըսած էր թէ՝ ‘Իմ անունս Երուսաղէմի մէջ պիտի դնեմ’։ Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկնքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց Ու իր տղան կրակէ անցուց եւ գուշակութիւն ու հմայութիւն ըրաւ, վհուկներ ու նշանագէտներ պահեց եւ Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց։ Իր շինած Աստարովթի կուռքը իր տանը մէջ դրաւ, որուն համար Տէրը Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին ըսեր էր. «Իմ անունս այս տանը մէջ ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան Եւ Իսրայէլի ոտքը անգամ մըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն, որ անոնց հայրերուն տուի. միայն թէ անոնք իմ բոլոր պատուիրանքներս ու իմ Մովսէս ծառայիս անոնց պատուիրած բոլոր օրէնքը զգուշութեամբ գործադրեն»։ Բայց անոնք մտիկ չըրին ու Մանասէ այնպէս մոլորեցուց զանոնք, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին։ Տէրը իր ծառաներուն եւ մարգարէներուն միջոցով խօսեցաւ ըսելով. «Որովհետեւ Յուդայի Մանասէ թագաւորը այս գարշութիւնները ընելով իրմէ առաջ եղող Ամօրհացիներուն բոլոր ըրածներէն աւելի չարութիւն ըրաւ ու իր կուռքերովը Յուդային ալ մեղք գործել տուաւ, Անոր համար Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Երուսաղէմի վրայ ու Յուդայի վրայ այնպիսի չարիք մը պիտի ղրկեմ, որ ամէն լսողին երկու ականջը պիտի խօսի։ Ու Երուսաղէմի վրայ Սամարիային լարը եւ Աքաբին տանը գնդակը պիտի երկնցնեմ ու Երուսաղէմը պիտի սրբեմ, ինչպէս մէկը աման մը կը սրբէ ու սրբելէն յետոյ երեսը վար կը դարձնէ։ Իմ ժողովուրդիս մնացորդը պիտի լքեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի տամ ու իրենց բոլոր թշնամիները զանոնք պիտի կոտորեն ու յափշտակեն. Որովհետեւ իմ առջեւս չարութիւն ըրին ու իրենց հայրերուն Եգիպտոսէն ելած օրէն մինչեւ այսօր զիս բարկացուցին։ Նաեւ Մանասէն խիստ շատ անմեղ արիւն թափեց, այնպէս որ Երուսաղէմը ծայրէ ծայր լեցուց. ան մեղքէն զատ՝ որով Տէրոջը առջեւ Յուդային մեղանչելուն ու չարութիւն ընելուն պատճառ եղաւ»։ Եւ Մանասէին մնացորդ պատմութիւնն ու ամէն ըրածը եւ անոր գործած մեղքը՝ Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Ու Մանասէ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ իր տանը պարտէզին մէջ, Ոզայի պարտէզին մէջ, թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Ամոնը թագաւոր եղաւ։ Ամոն քսանըերկու տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Մեսողոմիթ էր ու Ետեբացի Արուսին աղջիկն էր։ Անիկա իր հօրը Մանասէին ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ Ու իր հօրը քալած ճամբուն մէջ քալեց եւ իր հօրը պաշտած կուռքերը պաշտեց ու անոնց երկրպագութիւն ըրաւ։ Իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուց ու Տէրոջը ճամբուն մէջ չքալեց։ Ամոնին ծառաները անոր դէմ դաւադրութիւն ըրին ու զինք իր տանը մէջ մեռցուցին։ Երկրին ժողովուրդը Ամոն թագաւորին դէմ դաւադրութիւն ընողներուն ամէնքը մեռցուցին։ Երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին։ Եւ Ամոնին ըրած գործերուն մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։ Զանիկա Ոզային պարտեզը իր գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղը անոր որդին Յովսիան թագաւոր եղաւ։ Յովսիա ութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեդիդա էր ու Բազկաթացի Ադայիային աղջիկն էր։ Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր հօրը Դաւիթին ճամբուն մէջ քալեց եւ աջ կամ ձախ չխոտորեցաւ։ Յովսիա թագաւորին տասնըութերորդ տարին թագաւորը Մեսուղամին որդիին Եսելիային որդին Սափան դպրիը Տէրոջը տունը ղրկեց՝ ըսելով. «Քեղկիա քահանայապետին գնա՛ ու անիկա Տէրոջը տունը բերուած ստակը թող համրէ՛, որ դրան պահապանները ժողովուրդէն հաւաքեցին Ու զանիկա Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ու տանը փլած տեղերը շինելու համար Տէրոջը տանը մէջ գործող Հիւսներուն, շինողներուն ու որմնադիրներուն թող տան, նաեւ փայտ ու տաշուած քարեր թող ծախու առնեն տունը նորոգելու համար»։ Բայց անոնց ձեռքը տրուած ստակին հաշիւը չէին հարցներ, քանզի անոնք հաւատարմութեամբ կը գործէին։ Քեղկիա քահանայապետը Սափան դպիրին ըսաւ. «Տէրոջը տանը մէջ օրէնքներու գիրք մը գտայ» ու այն գիրքը Սափանին տուաւ ու այն կարդաց։ Սափան դպիրը թագաւորին ըսաւ. «Քու ծառաներդ տանը մէջ գտնուած ստակը հանեցին ու Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը տուին»։ Սափան դպիրը թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ»։ Սափան զանիկա թագաւորին առջեւ կարդաց։ Ու թագաւորը օրէնքներու գրքին խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց։ Թագաւորը Քեղկիա քահանային ու Սափանին որդիին Աքիկամին ու Միքիային որդիին Աքոբորին եւ Սափան դպիրին ու թագաւորին ծառային Ասայիային պատուիրեց ու ըսաւ. «Գացէ՛ք, ինծի համար ու ժողովուրդին համար ու բոլոր Յուդային համար՝ այս գտնուած գրքերուն խօսքերուն վրայով Տէրոջը հարցուցէ՛ք. քանզի մեր վրայ Տէրոջը մեծ բարկութիւնը բորբոքեր է, որովհետեւ մեր հայրերը այս գրքին խօսքերուն հնազանդած չեն ու մեզի համար ամէն գրուած բաները գործադրած չեն»։ Քեղկիա քահանան եւ Աքիկամն ու Աքոբորը եւ Սափանն ու Ասայիան՝ Արասին որդիին Թեկուայի որդիին Սեղղում հանդերձապետին կնոջ Ողդա մարգարէին գացին։ Անիկա Երուսաղէմ Մասենայի մէջ կը բնակէր ու անոր հետ խօսեցան։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն այսպէս ըսէք. «Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն Յուդայի թագաւորին կարդացած գրքին ամէն խօսքերը։ Որովհետեւ զիս թողուցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէս զի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերովը զիս բարկացնեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու պիտի չմարի» Բայց Տէրոջը հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Լսած խօսքերուդ համար, որովհետեւ քու սիրտդ կակղացաւ ու Տէրոջը առջեւ խոնարհեցար, երբ լսեցիր իմ խօսքս, թէ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ աւերում ու անէծք պիտի ըլլայ եւ քու հանդերձներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ես ալ լսեցի՛, կ’ըսէ Տէրը։ Անոր համար ահա ես քեզ քու հայրերուդ պիտի խառնեմ ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս։ Այս տեղին վրայ իմ բերելու բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն’»։ Ու անոնք թագաւորին պատասխան բերին։ Թագաւորը մարդ ղրկեց եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ծերերը իր քով հաւաքուեցան։ Թագաւորն ու Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներն ու քահանաները եւ մարգարէներն ու պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կարդաց։ Եւ թագաւորը սիւնին քով կեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որ այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը հաստատելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները ու կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ։ Բոլոր ժողովուրդը ուխտին հաւանութիւն տուաւ։ Ու թագաւորը Քեղկիա քահանայապետին ու երկրորդ աստիճանի քահանաներուն եւ դրան պահապաններուն հրամայեց, որ Բահաղին համար ու Աստարովթին համար ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն համար շինուած գործիքներուն ամէնքը Տէրոջը տաճարէն դուրս հանեն։ Զանոնք Երուսաղէմէն դուրս Կեդրոնի դաշտավայրին մէջ այրեց ու անոնց մոխիրը Բեթէլ տարաւ։ Յուդայի թագաւորներուն՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի բոլորտիքը բարձր տեղերու վրայ դրած խունկ ծխող քուրմերը եւ Բահաղին ու արեգակին ու լուսնին եւ տասնըերկու կենդանակերպերուն ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն խունկ ծխողները հեռացուց։ Աստարովթին կուռքը Տէրոջը տունէն Երուսաղէմէն դուրս՝ Կեդրոն հեղեղատը հանեց ու զանիկա Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց ու ծեծեց փոշի ըրաւ ու փոշին ժողովուրդին գերեզմաններուն վրայ ցանեց։ Տէրոջը տանը մէջ գտնուող Սոդոմական մեղք գործողներուն տուները փլցուց, ուր կիները Աստարովթին վարագոյրները կը գործէին։ Յուդայի քաղաքներէն բոլոր քահանաները Երուսաղէմ բերաւ ու Գաբայէն մինչեւ Բերսաբէէ քանդեց այն բարձր տեղերը, որոնց մէջ քահանաները խունկ կը ծխէին եւ քաղաքին իշխանին Յեսուին դրանը բերանը՝ քաղաքին դրանը ձախ կողմը եղող դռներուն բարձր տեղերը փլցուց։ Բայց բարձր տեղերուն քահանաները Երուսաղէմ եղող Տէրոջը սեղանը չէին ելլեր, հապա իրենց եղբայրներուն մէջ բաղարջ կ’ուտէին։ Ու Ենովմին որդիին ձորին մէջ եղող Տօփեթը աւերեց, որպէս զի ոեւէ մարդ իր տղան կամ աղջիկը Մողոքին որպէս զոհ կրակէ չանցընէ։ Նաեւ վերցուց Տէրոջը տանը դրանը առջեւէն այն ձիերը, որոնք Յուդայի թագաւորները արեգակին նուիրեր էին։ Անոնք Փարուրիմ եղող Նաթանմելէք ներքինիին սենեակին քով էին։ Արեգակին կառքերը կրակով այրեց։ Թագաւորը Աքազին վերնատանը տանիքին վրայ Յուդայի թագաւորներուն շինած սեղաններն ու Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ Մանասէին շինած սեղանները փլցուց, բնաջինջ ըրաւ եւ անոնց հողը Կեդրոն հեղեղատը նետեց։ Թագաւորը Երուսաղէմի դէմ, Ապականութեան լերան աջ կողմը, Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորին Սիդոնացիներուն գարշելիին՝ Աստարովթին համար ու Մովաբացիներուն գարշելիին՝ Քամովսին համար ու Ամմոնին որդիներուն գարշելիին՝ Մեղքողին համար շինած բարձր տեղերը աւերեց Եւ արձանները խորտակեց ու Աստարովթին կուռքերը կոտրտեց ու անոնց տեղը մարդու ոսկորներով լեցուց։ Բեթէլին սեղանն ալ եւ Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին շինած բարձր տեղը (այն սեղանն ու բարձր տեղն ալ) փլցուց եւ բարձր տեղը այրեց ու փոշի դարձուց ու Աստարովթին կուռքը այրեց։ Յովսիան դարձաւ ու հոն լերանը վրայի գերեզմանները տեսաւ։ Մարդ ղրկեց, գերեզմաններուն մէջի ոսկորները առաւ ու սեղանին վրայ այրելով ջնջեց, Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ այս բաները խօսող Աստուծոյ մարդը բարձր ձայնով ըսեր էր։ Թագաւորը ըսաւ. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս կոթողը, որ ես կը տեսնեմ»։ Քաղաքին մարդիկը անոր ըսին. «Անիկա Աստուծոյն մարդուն գերեզմանն է, որ Յուդայէն եկաւ ու Բեթէլի սեղանին վրայ այս քու ըրած բաներդ խօսեցաւ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Զանիկա թողուցէք, անոր ոսկորները մարդ մը տեղէն թող չշարժէ»։ Ուստի անոր ոսկորները Սամարիայէն եկող մարգարէին ոսկորներուն հետ թողուցին։ Յովսիա Սամարիայի քաղաքներուն մէջի բոլոր բարձր տեղերուն տուներն ալ վերցուց, որոնք Իսրայէլի թագաւորները շինելով՝ Տէրը բարկացուցեր էին ու Բեթէլի մէջ բոլոր ըրածին պէս անոնց ալ ըրաւ։ Հոն գտնուած բարձր տեղերուն բոլոր քուրմերը սեղաններուն վրայ մորթեց։ Անոնց վրայ մարդու ոսկորներ այրեց ու յետոյ Երուսաղէմ դարձաւ։ Թագաւորը բոլոր ժողովուրդին պատուիրեց՝ ըսելով. «Ձեր Տէր Աստուծոյն զատիկը կատարեցէք, ինչպէս այս ուխտի գրքին մէջ գրուած է։ Քանզի Իսրայէլի դատաւորներուն օրերէն մինչեւ Իսրայէլի թագաւորներուն ու Յուդայի թագաւորներուն բոլոր օրերն ալ այս զատկին պէս կատարուած չէր. Բայց Յովսիա թագաւորին տասնըութերորդ տարին Տէրոջը զատիկը կատարուեցաւ Երուսաղէմի մէջ։ Յովսիա վհուկները, նշանագէտները, թերափիմներն ու կուռքերը եւ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի մէջ երեւցած բոլոր գարշութիւնները վերցուց, որպէս զի Քեղկիա քահանային՝ Տէրոջը տունը գտած գրքին մէջ գրուած օրէնքին խօսքերը հաստատէ։ Եւ անկէ առաջ անոր նման թագաւոր մը եղած չէր, որ իր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը ու բոլոր զօրութիւնովը Տէրոջը դառնար՝ Մովսէսին բոլոր օրէնքին համեմատ. ո՛չ ալ անկէ ետքը անոր նմանը եղաւ։ Բայց Տէրը Յուդայի վրայ բորբոքած իր մեծ ու սաստիկ բարկութենէն ետ չդարձաւ՝ այն բոլոր չար գործերուն՝ ՝ համար, որոնցմով Մանասէն զանիկա բարկացուցեր էր։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Յուդան ալ իմ երեսէս պիտի ձգեմ, ինչպէս Իսրայէլը ձգեցի ու պիտի մերժեմ այս քաղաքը, իմ ընտրած Երուսաղէմս ու այս տունը՝ որուն համար ըսի թէ ‘Իմ անունս հոն ըլլայ’»։ Յովսիայի մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Անոր օրերը Եգիպտոսի թագաւորը՝ Փարաւոն Նեքաւով՝ Ասորեստանի թագաւորին վրայ յարձակեցաւ մինչեւ Եփրատ գետը։ Յովսիա թագաւորը անոր դէմ ելլելու գնաց ու անիկա Յովսիան տեսածին պէս՝ զանիկա մեռցուց Մակեդդովի մէջ։ Անոր ծառաները անոր մարմինը Մակեդդովէն կառքով Երուսաղէմ բերին ու զանիկա իր գերեզմանին մէջ թաղեցին։ Երկրին ժողովուրդը Յովսիային որդին Յովաքազը առին ու օծեցին եւ զանիկա իր հօրը տեղ թագաւոր ըրին։ Յովաքազ քսանըերեք տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր, որ Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։ Անիկա իր հայրերուն բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Ու Փարաւոն Նեքաւովը զանիկա Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղայի մէջ բանտարկեց, որպէս զի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն չընէ ու երկրին վրայ հարիւր տաղանդ արծաթ ու տաղանդ մը ոսկի հարկ դրաւ։ Փարաւոն Նեքաւով Յովսիային որդին Եղիակիմը անոր հօրը Յովսիային տեղ թագաւոր դրաւ ու անոր անունը փոխեց՝ Յովակիմ կոչեց. բայց Յովաքազը առաւ Եգիպտոս տարաւ ու անիկա հոն մեռաւ։ Եւ Յովակիմ այն արծաթն ու ոսկին Փարաւոնին տուաւ, բայց երկրին վրայ հարկ դրաւ՝ տալու համար Փարաւոնին պահանջած արծաթը։ Երկրի ժողովուրդէն, ամէն մարդու վրայ դրուած հարկին համեմատ արծաթ ու ոսկի առաւ, որպէս զի Փարաւոն Նեքաւովին տայ։ Երբ Յովակիմ թագաւոր եղաւ՝ քսանըհինգ տարեկան էր ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ եւ անոր մօրը անունը Զաբիդա էր, որ Ռումացի Փադայիային աղջիկն էր։ Անիկա իր հայրերուն բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Անոր օրերը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը բարձրացաւ ու Յովակիմ երեք տարի անոր ծառայ եղաւ ու ետքը անոր դէմ ապստամբեցաւ։ Տէրը անոր վրայ Քաղդեացիներու գունդեր ու Ասորացիներու գունդեր եւ Մովաբացիներու գունդեր ու Ամմոնի որդիներուն գունդերը ղրկեց։ Զանոնք Յուդայի վրայ ղրկեց, որպէս զի զանիկա կործանէ Տէրոջը խօսքին համեմատ, որ իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ միջոցով խօսեր էր։ Իրաւցընէ ասիկա Տէրոջը հրամանովը եղաւ Յուդային, որպէս զի զանիկա իր առջեւէն հեռացնէ՝ Մանասէին ըրած բոլոր մեղքերուն համար։ Նաեւ անոր թափած անմեղ արեանը համար, քանզի Երուսաղէմը անմեղ արիւնով լեցուց. ուստի Տէրը չուզեց որ ներէ։ Յովակիմին մնացորդ պատմութիւն ու անոր բոլոր գործերը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Ու Յովակիմ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ անոր տեղ իր որդին Յովաքին թագաւոր եղաւ։ Եգիպտոսի թագաւորը անկէ ետքը անգամ մըն ալ իր երկրէն չելաւ, քանզի Բաբելոնի թագաւորը Եգիպտոսի հեղեղատէն մինչեւ Եփրատ գետը՝ Եգիպտոսի թագաւորին բոլոր ունեցածը գրաւեր էր։ Յովաքին տասնըութ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Նեհուսթա էր, որ Երուսաղեմացի Եղնաթանի աղջիկն էր։ Անիկա իր հօրը բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Այն ատեն Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառաները Երուսաղէմ եկան ու քաղաքը պաշարեցին։ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը քաղաքին վրայ եկաւ, երբ իր ծառաները զանիկա պաշարեցին։ Յուդայի թագաւորը Յովաքին իր մօրն ու իր ծառաներուն եւ իշխաններուն ու ներքինիներուն հետ Բաբելոնի թագաւորին դէմ գնաց։ Բաբելոնի թագաւորը իր թագաւորութեանը ութերորդ տարին զանիկա բռնեց։ Անկէ Տէրոջը տանը բոլոր գանձերն ու թագաւորին տանը գանձերը հանեց ու կոտրտեց այն ամէն ոսկեղէն անոթները, որոնք Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը Տէրոջը տաճարին համար շիներ էր՝ Տէրոջը ըսածին համեմատ։ Բոլոր Երուսաղէմը ու բոլոր իշխանները եւ բոլոր զօրաւոր մարդիկը, տասը հազար գերի ու բոլոր հիւսներն ու դարբինները քշեց տարաւ։ Երկրին ժողովուրդներէն աղքատներէն զատ մարդ չմնաց։ Յովաքինը Բաբելոն փոխադրեց ու թագաւորին մայրն ու թագաւորին կիները եւ անոր ներքինիներն ու երկրին զօրաւորները Երուսաղէմէն Բաբելոն գերի տարաւ։ Բոլոր զօրաւոր մարդիկը եօթը հազար մարդ ու հազար հիւսն ու դարբին, որոնց ամէնքն ալ պատերազմող կտրիճներ էին։ Բաբելոնի թագաւորը զանոնք Բաբելոն գերի տարաւ։ Բաբելոնի թագաւորը Յովաքինին տեղը անոր հօրեղբայրը Մաթանիան թագաւոր ըրաւ ու անոր անունը Սեդեկիայի փոխեց։ Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր, որ Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։ Անիկա Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ էր, մինչեւ որ զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Սեդեկիա Բաբելոնի թագաւորին դէմ ապստամբեցաւ։ Սեդեկիայի թագաւորութեանը իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ ու անոր դէմ բանակեցաւ եւ շուրջանակի պատնէշներ շինեց Ու մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնըմէկերորդ տարին քաղաքը պաշարուած էր։ Ամսուան իննին քաղաքին մէջ սաստիկ սով կար։ Երկրին ժողովուրդը հաց չունէր։ Քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ ու բոլոր պատերազմողները գիշերով թագաւորին պարտեզին քով եղող երկու պարսպին մէջի դրանը ճամբայէն փախան ։ Քաղդէացիները քաղաքին բոլորտիքը կեցեր էին ու թագաւորը դաշտին ճամբայէն գնաց։ Եւ Քաղդէացիներուն զօրքը թագաւորին ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ անոր հասան եւ անոր բոլոր զօրքը անոր քովէն ցրուեցաւ։ Թագաւորը բռնեցին ու զանիկա Ռեբղա տարին Բաբելոնի թագաւորին։ Անոր դատաստանը տեսան։ Սեդեկիային տղաքը իր աչքերուն առջեւ մորթեցին, Սեդեկիային աչքերը կուրցուցին եւ զինքը շղթաներով կապեցին ու Բաբելոն տարին։ Բաբելոնի թագաւորին՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին՝ տասնըիններորդ տարուան հինգերորդ ամսուն, ամսուան եօթներորդ օրը Բաբելոնի թագաւորին ծառան Նաբուզարդան դահճապետը Երուսաղէմ եկաւ Ու Տէրոջը տունը եւ թագաւորին տունը այրեց ու Երուսաղէմի բոլոր մեծ տուները կրակով այրեց։ Եւ դահճապետին հետ եղող Քաղդէացիներուն բոլոր զօրքերը Երուսաղէմի շրջակայ պարիսպները փլցուցին։ Քաղաքին բնակիչներուն մնացորդն ու Բաբելոնի թագաւորէն լքուած փախստականներն ու մնացած բազմութիւնը Նաբուզարդան դահճապետը գերի տարաւ։ Եւ դահճապետը երկրին աղքատներէն մաս մը թողուց այգեգործներ ու երկրագործներ ըլլալու համար։ Եւ Քաղդէացիները Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ սիւներն ու խարիսխները ու Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ ծովը կտոր կտոր ըրին ու անոնց պղինձը Բաբելոն տարին։ Թաղարներն ու թիակները եւ բազմակալներն ու խնկամանները եւ պաշտօնի համար գործածուած բոլոր պղնձէ անօթները առին։ Դահճապետը ոսկիէ ու արծաթէ բուրվառներն ու կոնքերը առաւ՝ ՝. Նաեւ Սողոմոնին Տէրոջը տանը համար շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու մեքենովթները։ Բոլոր այս գործիքներուն պղինձը կշռել կարելի չէր։ Մէկ սիւնին բարձրութիւնը տասնըութը կանգուն էր։ Անոր վրայ պղնձէ խոյակ մը կար։ Խոյակին բարձրութիւնը երեք կանգուն էր։ Խոյակին վրայ շուրջանակի ցանցակերպ զարդ ու նուռեր կային, ամէնքն ալ պղնձէ էին ու միւս սիւնն ալ ցանցակերպ զարդ ունէր։ Դահճապետը առաջին քահանան Սարայիան ու երկրորդ քահանան Սոփոնիան ու երեք դռնապանները առաւ Եւ քաղաքէն ներքինի մը առաւ, որ պատերազմող մարդոց զօրագլուխն էր ու թագաւորին առջեւ կեցողներէն՝ ՝ քաղաքին մէջ գտնուած հինգ մարդ ու երկրին ժողովուրդը զինուորագրող մեծ գրագիրը եւ քաղաքին մէջ գտնուած երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ առաւ ։ Ու Նաբուզարդան դահճապետը զանոնք Բաբելոնի թագաւորին՝ Ռեբղա տարաւ։ Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ ու Եմաթի երկրին Ռեբղային մէջ զանոնք մեռցուց։ Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ։ Բայց Յուդայի երկրին մէջ մնացած ժողովուրդը, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հոն թողուցեր էր, անոնց վրայ Սափանեան Աքիկամին որդին Գոդողիան կուսակալ դրաւ։ Զօրքերու բոլոր իշխանները իրենց մարդիկներով, երբ լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Գոդողիան կուսակալ ըրեր է, Գոդողիային քով Մասփա եկան, այսինքն Նաթանիային որդին Իսմայէլ, Կարէին որդին Յօհանան ու Թանհումեթին որդին Նետոփաթացի Սարայիան ու Մաքաթիին որդին Յեզոնիան, թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց մարդիկը։ Գոդողիա անոնց ու անոնց մարդոցը երդում ըրաւ ու անոնց ըսաւ. «Քաղդէացիներուն ծառայութիւն ընելէն՝ ՝ մի՛ վախնաք. այս երկրին մէջ բնակեցէ՛ք եւ Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն ըրէ՛ք ու ձեզի աղէկ պիտի ըլլայ»։ Եւ եօթներորդ ամիսը թագաւորներու սերունդէն եղող Եղիսամայի որդիին Նաթանիայի որդին Իսմայէլ տասը մարդով եկաւ ու Գոդողիան զարկին ու մեռցուցին, նոյնպէս ալ անոր հետ Մասփա եղող Հրեաներն ու Քաղդէացիները։ Բոլոր ժողովուրդը, պզտիկէն մինչեւ մեծը ու զօրքերուն իշխանները ելան Եգիպտոս գացին, քանզի Քաղդէացիներէն վախցան։ Յուդայի Յովաքին թագաւորին գերութեանը երեսունըեօթներորդ տարուան տասներկրորդ ամսուան քսանըեօթներորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը, իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց ։ Անոր հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ ու անոր աթոռը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ։ Անոր բանտի լաթերը փոխեց ու անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ միշտ անոր առջեւ հաց կ’ուտէր։ Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ թագաւորին կողմէն ամէն օր անոր կը տրուէր։ Ադամ, Սէթ, Ենովս, Կայնան, Մաղաղիէլ, Յարեդ, Ենովք, Մաթուսաղա, Ղամէք, Նոյ, Սէմ, Քամ ու Յաբեթ։ Յաբեթին որդիները՝ Գոմեր, Մագոգ, Մադայ, Յաւան, Թոբէլ, Մոսոք ու Թիրասն էին։ Գոմերին որդիները՝ Ասքանազ, Րիփաթ ու Թորգոման էին։ Յաւանին որդիները՝ Եղիսա, Թարսիս, Կիտացիներն ու Դոդացիներն էին։ Քամին որդիները՝ Քուշ, Մեստրեմ, Փուդ ու Քանանն էին։ Քուշին որդիները՝ Սաբա, Եւիլա, Սաբաթա, Ռեգմա ու Սեբեթաքան էին։ Ռեգմային որդիները՝ Սաբան ու Դեդանն էին։ Քուշ ծնաւ Նեբրովթը. ասիկա սկսաւ երկրի վրայ զօրաւոր ըլլալ։ Մեստրեմ ծնաւ Ղուդացիները, Անամացիները, Ղաբացիները, Նեփթուքացիները, Պաթուրեսացիներն ու Քասղուքացիները, (ուրկէ Փղշտացիները ելան,) ու Կափթորացիներն ալ։ Քանան ծնաւ իր անդրանիկը՝ Սիդոնը, նաեւ Քետը, Յեբուսացին, Ամօրհացին, Գերգեսացին, Խեւացին, Արուկեցին, Ասենացին, Արուադացին, Սամարացին ու Ամաթացին։ Սէմին որդիները՝ Եղամ, Ասուր, Արփաքսադ, Ղուդ, Արամ, Հուս, Հուլ, Գաթեր ու Մոսոքն էին։ Արփաքսադ ծնաւ Սաղան, Սաղան ծնաւ Եբերը. Եբերին երկու որդի ծնան. մէկուն անունը Փաղէկ էր, քանզի երկիրը անոր օրերը բաժնուեցաւ։ Անոր եղբօրը անունը Յեկտան էր։ Յեկտան ծնաւ Եղմովդադը, Սաղափը, Ասարմօթը, Յարաքը, Ադորամը, Ուզալը, Դեկղան, Գեբաղը, Աբիմեէլը, Սաբան, Ոփիրը, Եւիլան ու Յոբաբը։ Ասոնք Յեկտանին որդիներն էին։ Սէմ, Արփաքսադ, Սաղա, Եբեր, Փաղէկ, Ռագաւ, Սերուգ, Նաքովր, Թարա, Աբրամ, այսինքն Աբրահամ։ Աբրահամին որդիները Իսահակ ու Իսմայէլ էին։ Անոնց ծնունդները ասոնք են՝ Իսմայէլին անդրանիկը՝ Նաբէօթ, ետքը՝ Կեդար, Ադբեէլ, Մաբսամ, Մասմա, Դումա, Մասսէ, Քոդադ, Թեմա, Յետուր, Նափէս ու Կեդմա։ Իսմայէլին որդիները ասոնք էին։ Աբրահամին հարճին՝ Քետուրային՝ որդիները։ Անիկա ծնաւ Զեմրանը, Յեկսանը, Մադանը, Մադիանը, Յեսբոկն ու Սովէն։ Յեկսանին որդիները՝ Սաբան ու Դեդանն էին։ Մադիանին որդիները՝ Գեփա, Ափէր, Ենովք, Աբիդա ու Ելդագան էին։ Ասոնք Քետուրային որդիներն էին։ Աբրահամ ծնաւ Իսահակը։ Իսահակին որդիները Եսաւ ու Իսրայէլ էին։ Եսաւին որդիները՝ Եղիփազ, Ռագուէլ, Յէուս, Յեգղօմն ու Կորխն էին։ Եղիփազին որդիները՝ Թեման, Օմար, Սեփոյ, Գոթամ, Կենէզ, Թամնա ու Ամաղէկն էին։ Ռագուէլին որդիները՝ Նահաթ, Զարա, Սամմա ու Մէզան էին։ Սէիրին որդիները՝ Ղոտան, Սոբաղ, Սեբեգօն, Անա, Դիսօն, Եսեր ու Դիսան էին։ Ղոտանին որդիները՝ Քոռի ու Հեմամն էին եւ Թամնան Ղոտանին քոյրն էր։ Սոբաղին որդիները՝ Գաղուան, Մանաքաթ, Գեբաղ, Սեփոյ ու Օնամն էին։ Սեբեգօնին որդիները՝ Այիա ու Անան էին։ Անայի որդին՝ Դիսօն ու Դիսօնին որդիները՝ Ամրան, Եսբան, Յեթրան ու Քառան էին։ Եսերին որդիները՝ Բաղղան, Զաաւան ու Յաականն էին։ Դիսանին որդիները՝ Հուս ու Առանն էին։ Ասոնք են այն թագաւորները, որոնք Եդովմի երկրին մէջ թագաւորեցին՝ Իսրայէլի որդիներուն վրայ թագաւորի մը իշխելէն առաջ։ Բէովրի որդին՝ Բաղան, որուն քաղաքին անունը Դեննաբա էր։ Բաղան մեռաւ ու անոր տեղը Բօսրացի Զարային որդին Յոբաբը թագաւորեց։ Յոբաբ մեռաւ, անոր տեղը Թեմանացիներու երկրէն Հուսամը թագաւորեց։ Հուսամ մեռաւ, անոր տեղ Բադադին որդին Ադադը թագաւորեց, որ Մովաբի դաշտին մէջ Մադիանացիները կոտորեց, որուն քաղաքին անունը Աւիթ էր։ Ադադ մեռաւ ու անոր տեղ Մասրեկացի Սամաղան թագաւորեց։ Սամաղան մեռաւ անոր տեղ Գետին քով Ռոբովթէն եղող Սաւուղը թագաւորեց։ Սաւուղ մեռաւ, անոր տեղ Աքոբորին որդին Բաաղանան թագաւորեց։ Բաաղանան մեռաւ, անոր տեղ Ադադը թագաւորեց, որուն քաղաքին անունը Փոքով էր ու անոր կնոջ անունը Մետաբեէլ էր, որ Մէզաաբին աղջկան Մատրեթին աղջիկն էր։ Ադադին մեռնելէն ետքը Եդովմի իշխանները եղան՝ Թամնա իշխան, Գաղուա իշխան, Յեթաթ իշխան, Ողիբամա իշխան, Էլա իշխան, Փինօն իշխան, Կենէզ իշխան, Թեման իշխան, Մաբզար իշխան, Մագեդիէլ իշխան, Իրամ իշխան։ Եդովմին իշխանները ասոնք էին։ Իսրայէլի որդիները ասոնք են՝ Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար, Զաբուղոն, Դան, Յովսէփ, Բենիամին, Նեփթաղիմ, Գադ ու Ասեր։ Յուդային որդիները՝ Էր, Օնան ու Սելօմ էին։ Այս երեքը Քանանացի Շաւային աղջիկէն ծնան անոր։ Յուդային անդրանիկը՝ Էր՝ Տէրոջը առջեւ չար ըլլալուն համար՝ Տէրը զանիկա մեռցուց։ Անոր հարսը՝ Թամար՝ Փարէսն ու Զարան ծնաւ անոր։ Յուդա հինգ որդի ունեցաւ։ Փարէսին որդիները՝ Եսրոն ու Համուլ էին։ Եւ Զարայի որդիները՝ Զամբրի, Եթան, Եման, Քալքօլ ու Դարա, ամէնքը հինգ էին։ Քարմիին որդին Աքարն էր, որ նզովուածքով մեղք գործեց ու Իսրայէլը նեղութեան մէջ ձգեց։ Եթանին որդին Ազարիան էր։ Եսրոնին որդիները, որոնք անոր ծնան, Յերամէլ, Արամ ու Քեղուբան էին։ Արամ ծնաւ Ամինադաբը ու Ամինադաբ ծնաւ Յուդային որդիներուն իշխանը՝ Նաասոնը։ Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը ու Սաղմոն ծնաւ Բոոսը Եւ Բոոս ծնաւ Ովբէդը ու Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն։ Եւ Յեսսէ ծնաւ իր անդրանիկը՝ Եղիաբը ու երկրորդը՝ Աբինադաբը ու երրորդը՝ Սամաան, Չորրորդը՝ Նաթանայէլը, հինգերորդը՝ Հռագային, Վեցերորդը՝ Ասոմը ու եօթներորդը՝ Դաւիթը։ Անոնց քոյրերը Շարուհիա ու Աբիգիա էին։ Շարուհիային որդիները երեք էին՝ Աբեսսա, Յովաբ ու Ասայէլ։ Աբիգիան ծնաւ Ամեսային, Ամեսայիին հայրը Իսմայելացի Յեթերն էր։ Եսրոնին որդին Քաղէբ իր Ազուբա կնոջմէն ու Յերիօթէն որդիներ ծնաւ։ Ասոր որդիները ասոնք են՝ Յասեր, Սովբաբ ու Արդօն։ Երբ Ազուբա մեռաւ, Քաղէբ իրեն կին առաւ Եփրաթը, որ անոր ծնաւ Ովրը։ Ովր ծնաւ Ուրին եւ Ուրին ծնաւ Բեսելիէլը։ Անկէ ետքը Եսրոն Գաղաադի հօրը Մաքիրին աղջկան մտաւ ու զանիկա առաւ եւ ինք վաթսուն տարեկան էր։ Անիկա Սեգուբը ծնաւ անոր, Սեգուբ ծնաւ Յայիրը ու ասիկա Գաղաադի երկրին մէջ քսանըերեք քաղաք ունէր։ Ու Գեսուրը եւ Արամը՝ ՝, Յայիրին գիւղաքաղաքները, Կանաթն ու անոր գիւղերը, վաթսուն քաղաք առաւ անոնցմէ։ Ասոնք Գաղաադի հօրը Մաքիրին որդիներունն էին։ Եսրոն Քաղէբ-Եփրաթայի մէջ մեռնելէն ետքը, Եսրոնին կինը Աբիա՝ ՝ անոր ծնաւ Թեկուէին հայրը՝ Ասքուրը։ Եսրոնին անդրանիկին՝ Յերամէլին որդիները ասոնք էին՝ անդրանիկը՝ Հռամ, Բունա, Օրէն, Ասոմ ու Աքիա։ Յերամէլ ուրիշ կին մը ունէր, որուն անունը Ատարա էր։ Անիկա Օնամին մայրը եղաւ։ Յերամէլին անդրանիկին՝ Հռամին որդիները ասոնք էին՝ Մաաս, Յամին ու Ակոր։ Անամին որդիները Սամայի ու Յադա էին։ Սամայիին որդիները՝ Նադաբ ու Աբիսուրն էին։ Աբիսուրին կնոջ անունը Աբիհայիլ էր, որ անոր ծնաւ Աքբանն ու Մովղիդը։ Եւ Նադաբին որդիները Սաղադ ու Ափփեմ էին ու Սաղադ անորդի մեռաւ։ Ափփեմին որդին՝ Յեսսի ու Յեսսիին որդին՝ Սեսան ու Սեսանին որդին՝ Աղայի էր։ Սամայիին եղբօրը Յադային որդիները՝ Յեթեր ու Յովնաթան էին։ Յեթեր անորդի մեռաւ։ Յովնաթանին որդիները Փաղէթ ու Զազան էին։ Յերամէլին որդիները ասոնք էին։ Սեսան տղաքներ չունեցաւ, բայց միայն աղջիկներ։ Սեսան Յարքա անունով Եգիպտացի ծառայ մը ունէր։ Սեսան իր աղջիկը իր Յարքա ծառային կնութեան տուաւ, որ անոր Եթթին ծնաւ։ Եթթին ծնաւ Նաթանը եւ Նաթանը ծնաւ Զաբաթը Ու Զաբաթը ծնաւ Ոփղաղը եւ Ոփղաղը ծնաւ Ովբէդը Ու Ովբէդը ծնաւ Յէուն եւ Յէուն ծնաւ Ազարիան Ու Ազարիան ծնաւ Քեղղէսը եւ Քեղղէսը ծնաւ Եղեասան, Եղեասան ծնաւ Սոսոմէն եւ Սոսոմէն ծնաւ Սեղղումը Ու Սեղղումը ծնաւ Յեկամիան եւ Յեկամիան ծնաւ Եղիսաման։ Յերամէլին եղբօրը՝ Քաղէբին որդիները. անոր անդրանիկը՝ Մեսան՝ Զիբին հայրն էր ու Քեբրոնին հայրը Մարեսային որդին էր։ Քեբրոնին որդիները՝ Կորխ ու Թափուա եւ Րոկոմ ու Սեման էին։ Սեման ծնաւ Հռաամը՝ Յարկաամին հայրը ու Ռոկոմը ծնաւ Սամային։ Սամայիին որդին՝ Մաոն էր ու Մաոն Բեթսուրին հայրն էր։ Քաղէբին հարճը Գեփան ծնաւ Առանը, Մոսան ու Գազէզը եւ Առան ծնաւ Գազէզը։ Յադայիին որդիները Հռագեմ, Յովաթամ, Գեսան, Փաղէտ, Գեփա ու Սագափն էին։ Քաղէբին հարճը Մաաքան ծնաւ Սեբերը ու Թարանան, Նաեւ ծնաւ Մաթմաննային հայրը՝ Սագափը ու Մաքաբենայի հայրը ու Գաբաային հայրը Շաւանը եւ Քաղէբին աղջիկը Աքսան էր։ Եփրաթին անդրանիկին՝ Ովրին որդիին Քաղէբին որդիները ասոնք էին՝ Կարիաթարիմին հայրը Սոբաղը, Բեթլէհէմին հայրը Սաղմոնը, Բեթգադերին հայրը Հարեփը։ Կարիաթարիմին հօրը Սոբաղին որդիները՝ Հարօէ ու Մանաքաթացիներուն կէսն էին։ Եւ Կարիաթարիմի տոհմերը՝ Յեթերացիները, Փութացիները, Սամաթացիներն ու Մասարացիներն էին. Սարաացիներն ու Եսթաւուղացիները ասոնցմէ ելաւ։ Սաղմոնին որդիները՝ Բեթլէհէմ, Նետոբաթացիները, Ատարովթ, Յովաբին տունը ու Մանաքաթացիներուն կէսը ու Սարացիներն էին։ Եւ Գաբէսին մէջ բնակող դպիրներուն տոհմերը Թարգաթացիները, Սամաթացիները, Սովկաթացիները. ասոնք Ռեքաբին տանը հօրմէն Եմաթէն ելլող Կենեցիներն էին։ Դաւիթին Քեբրոնին մէջ ծնած որդիները ասոնք էին՝ անդրանիկը Ամնոն՝ Յեզրայելացի Աքինոամէն, երկրորդը Դանիէլ՝ Կարմելացի Աբիգիայէն, Երրորդը՝ Աբիսողոմ՝ Գեսուրի թագաւորին Թոլմիին աղջկան Մաաքային որդին, չորրորդը՝ Ադոնիան՝ Ագգիթին որդին, Հինգերորդը Սափատիան՝ Աբիտալէն, վեցերորդը Յեթրամ՝ իր կնոջմէն Եդղայէն։ Այս վեցը անոր ծնան Քեբրոնի մէջ եւ հոն եօթը տարի ու վեց ամիս թագաւորութիւն ըրաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըերեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Երուսաղէմի մէջ ասոնք ծնան անոր՝ Սամաա, Սովբաբ, Նաթան ու Սողոմոն։ Այս չորսը Ամիէլի աղջիկէն՝ Բերսաբէէն՝ ծնած էին։ Յեբաար ու Եղիսամա ու Եղիփաղէտ Եւ Նոքա ու Նափեկ եւ Յափիէ Ու Եղիսամա ու Եղիադա ու Եղիփաղէտ. ասոնք ինն էին։ Ամէնքն ալ Դաւիթին որդիներն էին, հարճերուն որդիներէն ու անոնց քրոջմէն՝ Թամարէն զատ։ Սողոմոնին որդին Ռոբովամն էր։ Անոր որդին՝ Աբիա, անոր որդին՝ Ասա, անոր որդին՝ Յովսափատ, Անոր որդին՝ Յովրամ, անոր որդին՝ Ոքազիա, անոր որդին՝ Յովաս, Անոր որդին՝ Ամասիա, անոր որդին՝ Ազարիա, անոր որդին՝ Յովաթամ, Անոր որդին՝ Աքազ, անոր որդին՝ Եզեկիա, անոր որդին՝ Մանասէ, Անոր որդին՝ Ամոն, անոր որդին՝ Յովսիա։ Եւ Յովսիայի որդիները՝ անդրանիկը՝ Յոհանան, երկրորդը՝ Յովակիմ, երրորդը՝ Սեդեկիա, չորրորդը Սեղղումն էր։ Յովակիմին որդիները՝ անոր որդին Յեքոնիան, անոր որդին՝ Սեդեկիան էր։ Յեքոնիային որդիները՝ Ասիր, անոր որդին՝ Սաղաթիէլ. Նաեւ Մեղքիրամ, Փադայիա, Սանէսար, Յեկամիա, Ովսամա ու Նադաբիան էին։ Փադայիային որդիները՝ Զօրաբաբէլ ու Սեմէին էին ու Զօրաբաբէլին որդիները՝ Մեսուղամ ու Անանիան ու անոնց քոյրը Սաղօմիթն էր։ Նաեւ Ասուբա ու Ոող եւ Բարաքիա ու Ասադիա եւ Յովսաբեսեդ՝ հինգ էին։ Անանիային որդիները՝ Փաղատիա ու Եսայի էին. Հռափայիայի որդիները, Ոռնայի որդիները, Աբդիայի որդիները, Սեքենիայի որդիները՝ ՝։ Ու Սեքենիային որդին Սեմայիան էր ու Սեմայիային որդիները՝ Քետտուս եւ Իգաղ ու Բերիա եւ Նաարիա ու Սափատ՝ վեց էին։ Նաարիային որդիները՝ Եղիովէնայի ու Եզեկիա ու Եզրիկամ՝ երեք էին։ Ու Եղիովէնայիի որդիները՝ Ովդուիա ու Եղիասիբ եւ Փաղայիա ու Ակկուբ եւ Յօհանան ու Դաղայի եւ Անանի՝ եօթն էին։ Յուդային որդիները՝ Փարէս, Եսրոն ու Քարմի եւ Ովր ու Սոբաղն էին։ Սոբաղին որդին Ռէայիան Յեթը ծնաւ ու Յեթը՝ Աքիմային ու Ղաադը ծնաւ. Սարաացիներուն տոհմերը ասոնք են։ Ու Ետամին հօրմէն ասոնք եղան՝ Յեզրայէլ ու Յեսմա ու Յեդրաս եւ անոնց քրոջը անունը Եսեղեփօն էր։ Գեդովրի հայրը՝ Փանուէլ եւ Ովսայի հայրը Եզեր էր։ Ասոնք Բեթլէհէմին հօրը՝ Եփրաթի, անդրանիկին Ովրին որդիներն էին։ Թեկուէին հայրը՝ Ասքուր՝ երկու կին ունէր, Եղաս ու Նաարա։ Նաարան անոր ծնաւ Ոքոզամը, Ոփերը, Թեմանն ու Ահասթարին։ Նաարային որդիները ասոնք էին։ Եղաային որդիները Սարեթ, Սահառ ու Եթնան էին։ Կովս ծնաւ Ենովբը, Սօբեբան ու Հարումի որդիին Ահարհէլին տոհմերը։ Գաբէս իր եղբայրներէն փառաւոր էր։ Անոր մայրը իր անունը Գաբէս դրաւ, քանզի ‘Զանիկա տրտմութեամբ ծնայ’։ Գաբէս Իսրայէլի Աստուծոյն աղաղակեց ու ըսաւ. «Երանի՜ թէ ամէն կողմանէ զիս օրհնես ու իմ սահմանս մեծցնես եւ քու ձեռքդ ինծի հետ ըլլայ ու զիս չարէն ազատես, որպէս զի ինծի տրտմութիւն չըլլայ»։ Աստուած անոր խնդիրքը կատարեց։ Սուհային եղբայրը Քեղուբ՝ Մաքիրը ծնաւ, որ Եսթօնին հայրն էր։ Եսթօն ծնաւ Բեթռափան ու Փասէն եւ Իրնաասին հայրը Թանան։ Ասոնք Հռեքային մարդիկն էին։ Կենէզի որդիները Գոթոնիէլն ու Սարայիան էին։ Գոթոնիէլին որդին Աթաթն էր։ Մաոնաթային ծնաւ Եփրան եւ Սարայիան ծնաւ Յովաբը, Գեքարասիմին հայրը. (քանզի անոնք արհեստաւորներ էին։) Ու Յեփոնեան Քաղէբին որդիները՝ Իրու, Էլա ու Նաամն էին։ Էլային որդին Կենէզն էր։ Յալէլէլին որդիները՝ Զիփ, Զիբա, Թիրիա ու Ասարէլ։ Եզրային որդիները՝ Յեթեր, Մօրադ, Ափէր ու Յազօնն էին։ Ասոր կինը ծնաւ Մարիամը եւ Սամային ու Եսթեմովին հայրը Եսբան։ Անոր կինը Յուդիան ծնաւ Գեդովրին հայրը՝ Յարեդը, Սոքովին հայրը՝ Քաբերը ու Զանովին հայրը՝ Յեքթիելը։ Մօրադին առած Փարաւոնին աղջկան, Բեթիային որդիները ասոնք էին։ Անոր կնոջ Նայեմին քրոջ՝ Ովդիայի՝ որդիները Կէիլային հայրը Գարմի ու Մաքաթացի Եսթեմովն էր։ Սիմոնին որդիները Ամնոն, Հռինա, Բենանան ու Թիղօնն էին։ Յեսսիին որդիները Զօհէթ ու Բենզօհէթն էին։ Եւ Յուդայի որդիին Սելօմին որդիները՝ Ղեքային հայրը՝ Էր ու Մարեսային հայրը՝ Ղաադա եւ Ասբէային տանը, բեհեզագործներուն տանը, տոհմերն էին։ Յովակիմ եւ Քուզեբային մարդիկը ու Յովաս եւ Սարափը, որոնք Մովաբի մէջ ստացուածք ունէին ու Յասուբի-Լէհէմ. իսկ ասոնք հին բաներ են՝ ՝։ Ասոնք բրուտներ էին եւ Նեթայիմին ու Գադերային մէջ կը բնակէին։ Թագաւորին քովը կը բնակէին անոր գործին համար։ Շմաւոնին որդիները՝ Նամուէլ, Յամին, Յարիբ, Զարա ու Սաւուղ։ Անոր որդին՝ Սեղղում, անոր որդին Մաբսամ, անոր որդին՝ Մասմա։ Մասմային որդիները՝ անոր որդին՝ Ամուէլ, անոր որդին՝ Զաքուր, անոր որդին Սեմէի։ Եւ Սեմէին տասնըվեց տղայ ու վեց աղջիկ ունէր, բայց անոր եղբայրները շատ տղաքներ չունէին ու անոնց բոլոր տոհմերը Յուդային որդիներուն չափ չշատցան։ Անոնք Բերսաբէէին ու Մօլադային ու Ասեր-Սուաղին Եւ Բաղային ու Ասեմին եւ Թուղաթին Ու Բաթուլին ու Հօրմային եւ Սիկելակին Ու Բեթմարքաբովթին եւ Ասեր-Սուսիմին ու Բեթբարէիին եւ Սագարիմին մէջ բնակեցան։ Մինչեւ Դաւիթի թագաւոր եղած ատենը՝ ասոնք էին անոնց քաղաքները Ու անոնց գիւղերը։ Նաեւ Եթամ, Ային, Ռեմօն, Թոքան ու Ասան՝ հինգ քաղաք։ Այս քաղաքներուն բոլորտիքը եղած բոլոր գիւղերը մինչեւ Բաաղ, անոնց բնակութիւններն ու վիճակները՝ ասոնք էին։ Մոսոբաբ եւ Յամլէք ու Ամասիային որդին Յօսան Եւ Յովէլն ու Ասիէլիին որդիին Սարայիային որդիին Յօսաբիային որդին Յէուն Ու Եղիովէնային ու Յեկեբան եւ Յասուիան ու Ասայիան եւ Ադիէլն ու Յեսեմիէլն ու Բանիան Եւ Սեմայիային որդիին Սամարիին որդիին Յեդայիային որդիին Աղօնին որդիին Սեփէիին որդին Զիզա։ Անուններով յիշուածները իրենց տոհմերուն մէջ իշխաններ էին ու անոնց ազգատոհմերը խիստ շատցան։ Իրենց անասուններուն համար արօտ փնտռելով՝ Գեդովրին մուտքը գացին մինչեւ ձորին արեւելեան կողմը։ Առատ ու աղէկ արօտ գտան։ Այն երկիրը ընդարձակ էր եւ խաղաղութեան ու հանդարտութեան մէջ էր, քանզի առաջ Քամէն եղողները հոն կը բնակէին։ Այս անուններով գրուածները Յուդայի Եզեկիա թագաւորին օրերը գացին ու անոնց վրանները եւ հոն գտնուած բնակարանները զարկին ու զանոնք բնաջինջ ըրին մինչեւ այսօր եւ անոնց տեղը բնակեցան. վասն զի հոն իրենց հօտերուն համար արօտ կար։ Անոնցմէ, այսինքն Շմաւոնին որդիներէն, հինգ հարիւր մարդ Սէիր լեռը գացին, իրենց վրայ Յեսսիին որդիները Փաղատիան, Նաարիան, Հռափայիան ու Ոզիէլը իշխան ունենալով ։ Եւ Ամաղէկին փախստական մնացորդները զարկին ու մինչեւ այսօր հոն բնակեցան։ Իսրայէլի անդրանիկին՝ Ռուբէնին որդիները՝ (քանզի անդրանիկը անիկա էր. բայց իր հօրը անկողինը պղծելուն համար՝ իր անդրանկութեան իրաւունքը Յովսէփին որդիներուն տրուեցաւ ու ազգահամարին մէջ անդրանիկի տեղ չդրուեցաւ։ Իսկ Յուդա իր եղբայրներէն զօրաւոր եղաւ ու անկէ իշխաններ ելան, բայց անդրանկութեան իրաւունքը Յովսէփինն էր)։ Իսրայէլի անդրանիկին Ռուբէնին որդիները՝ Ենովք, Փաղղուս, Եսրոն ու Քարմին էին։ Յովէլին որդիները՝ անոր որդին Սեմայիան, անոր որդին՝ Գոգը, անոր որդին՝ Սեմէին, Անոր որդին՝ Միքան, անոր որդին՝ Ռէայիան, անոր որդին՝ Բաաղը, Անոր որդին՝ Բէերան, որ Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը գերի տարաւ։ Անիկա Ռուբէնեաններու իշխանն էր։ Անոր եղբայրները իրենց տոհմերովը ազգահամարին մէջ գրուեցան։ Անոնց գլխաւորը Յէիէլն էր, ետքը՝ Զաքարիան Եւ Յովէլին որդիին Սեմային որդիին Ազազին որդին Բաղան։ Ասիկա Արոէրի մէջ ու անկէ մինչեւ Նաբաւ ու Բէէլմօն բնակեցաւ։ Արեւելեան կողմը Եփրատ գետէն մինչեւ անապատը բնակեցաւ, քանզի անոնց անասունները Գաղաադի երկրին մէջ շատցեր էին։ Սաւուղին օրերը անոնք պատերազմ ըրին Հագարացիներուն հետ, որոնք իրենց ձեռքը ինկան ու Գաղաադի բոլոր արեւելեան կողմերը՝ անոնց վրաններուն մէջ՝ բնակեցան։ Գադին որդիները ասոնց դէմ Բասանի երկրին մէջ բնակեցան մինչեւ Սելքա։ Գլխաւորը Յովէլը, երկրորդը Սափամը, ետքը Յանային ու Սափատը՝ Բասանի մէջ։ Անոնց եղբայրները իրենց ազգատոհմերուն համեմատ՝ Միքայէլը, Մեսուղամը, Սարէէն, Յովրէն, Յաքան, Զիան ու Եբերը՝ եօթն էին։ Ասոնք Բուզին որդիին Յակդովին որդիին Յեսիսային որդիին Միքայէլին որդիին Գաղաադին որդիին Յարսային որդիին Հուրիին որդիին Աբիքելին որդիներն էին։ Անոնց ազգատոհմերուն իշխանը Գունիին որդիին Աբդիէլին որդին Աքին էր։ Անոնք Գաղաադի մէջ, Բասանի ու անոր գիւղաքաղաքներուն մէջ ու Սարօնի բոլոր արուարձաններուն մէջ՝ մինչեւ անոնց սահմանները բնակեցան։ Ասոնք ամէնքը Յուդային Յովաթամ թագաւորին օրերը ու Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին օրերը ազգահամարին մէջ գրուեցան։ Ռուբէնին որդիներն ու Գադեանները ու Մանասէին կէս ցեղը՝ քառասունըչորս հազար եօթը հարիւր վաթսուն զօրաւոր, վահան ու սուր կրող եւ աղեղ քաշող, պատերազմի գացող մարդիկ էին։ Անոնք Հագարացիներուն, Յետուրացիներուն, Նափեսացիներուն ու Նոդաբացիներուն հետ պատերազմեցան Եւ անոնց յաղթեցին ու Հագարացիները եւ բոլոր անոնց հետ եղողները անոնց ձեռքը տրուեցան, քանզի անոնք պատերազմի մէջ Աստուծոյ աղաղակեցին, որ անոնց լսեց, վասն զի իրեն ապաւինեցան։ Անոնց անասունները՝ յիսուն հազար ուղտ ու երկու հարիւր յիսուն հազար ոչխար ու երկու հարիւր հազար էշ եւ հարիւր հազար մարդ գերի առին. (Քանզի շատերը մեռած ինկան. վասն զի այս պատերազմը Աստուծմէ էր) ու մինչեւ գերութիւնը անոնց մէջը բնակեցան։ Մանասէին որդիներուն կէս ցեղը այն երկրի մէջ բնակեցան, Բասանէն մինչեւ Բաաղհերմոն, Սանիր ու Հերմոն լեռը, քանզի բազմաթիւ էին։ Անոնց ազգատոհմերուն իշխանները ասոնք էին՝ Ափէրը, Յեսսին, Եղիէլը, Եզրիէլը, Երեմիան, Ովդուիան ու Յաքդիէլը, որոնք զօրաւոր, քաջ ու անուանի մարդիկ էին ու իրենց ազգատոհմերուն իշխաններն էին։ Բայց ասոնք իրենց հայրերուն Աստուծոյն դէմ ապստամբեցան ու այն երկրին ազգերուն աստուածներուն ետեւէն երթալով պոռնկացան, որոնք Աստուած անոնց առջեւէն բնաջինջ ըրած էր։ Իսրայէլի Աստուածը Ասորեստանի Փուղ թագաւորին հոգին ու Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորին հոգին գրգռեց ու Ռուբէնեանները, Գադեաններն ու Մանասէին կէս ցեղը գերի առաւ եւ զանոն Քաղա ու Քաբովր ու Հարա ու Գովզան գետը տարաւ մինչեւ այսօր։ Ղեւիին որդիները Գերսոնը, Կահաթն ու Մերարին էին։ Կահաթին որդիները Ամրամը, Իսահառը, Քեբրոնն ու Ոզիէլն էին։ Ամրամին որդիները՝ Ահարոնը, Մովսէսն ու Մարիամն էին։ Ահարոնին որդիները՝ Նադաբը, Աբիուդը, Եղիազարն ու Իթամարն էին։ Եղիազար ծնաւ Փենէհէսը ու Փենէհէս ծնաւ Աբիսուան, Եւ Աբիսուան ծնաւ Բոկկին ու Բոկկին ծնաւ Ոզին Եւ Ոզին ծնաւ Զարիան, Զարիան ծնաւ Մարիօթը Ու Մարիօթ ծնաւ Ամարիան եւ Ամարիան ծնաւ Աքիտովբը Ու Աքիտովբ ծնաւ Սադովկը ու Սադովկը ծնաւ Աքիմաասը Եւ Աքիմաասը ծնաւ Ազարիան ու Ազարիան ծնաւ Յօհանանը Եւ Յօհանանը ծնաւ Ազարիան. (ասիկա էր որ Սողոմոնին Երուսաղէմ շինած տաճարին մէջ քահանայութիւն ըրաւ) Ու Ազարիան ծնաւ Ամարիան եւ Ամարիան ծնաւ Աքիտովբը Ու Աքիտովբ ծնաւ Սադովկը ու Սադովկը ծնաւ Սեղղումը Եւ Սեղղումը ծնաւ Քեղկիան ու Քեղկիան ծնաւ Ազարիան Եւ Ազարիան ծնաւ Սարայիան ու Սարայիան ծնաւ Յովսեդեկը։ Յովսեդեկը գերի գնաց, երբ Տէրը Յուդան ու Երուսաղէմը Նաբուգոդոնոսորին ձեռքով փոխադրեց։ Ղեւիին որդիները՝ Գերսոնը, Կահաթն ու Մերարին էին։ Գերսոնին որդիներուն անունները ասոնք էին՝ Ղոբենի ու Սեմէի։ Եւ Կահաթին որդիները՝ Ամրամը, Իսահառը, Քեբրոնն ու Ոզիէլն էին։ Մերարիին որդիները՝ Մոողին ու Մուսին էին։ Ասոնք են Ղեւտացիներուն տոհմերը իրենց հայրերուն համեմատ։ Գերսոնին որդիները ՝ անոր որդին Ղոբենի, անոր որդին Յեթ, անոր որդին Զամմա, Անոր որդին Յովաք, անոր որդին Ադդով, անոր որդին Զարա, անոր որդին Յաթրին էր։ Կահաթին որդիները՝ անոր որդին Ամինադաբ, անոր որդին Կորխ, անոր որդին Ասիր, Անոր որդին Եղկանա, անոր որդին Աբիասափ, անոր որդին Ասիր, Անոր որդին Թաաթ, անոր որդին Ուրիէլ, անոր որդին Ոզիա ու անոր որդին Սաւուղն էր։ Եղկանային որդիները՝ Ամեսայի, Աքիմօթ ու Եղկանա էին։ Եղկանային որդիները՝ անոր որդին Սուփի, անոր որդին Նահաթ, Անոր որդին Եղիաբ, անոր որդին Յերոամ, անոր որդին Եղկանան էր։ Սամուէլին որդիները՝ անոր անդրանիկը Յովէլ ու երկրորդը Աբիան էր։ Մերարիին որդիները՝ Մոողի, անոր որդին Ղոբենի, անոր որդին Սեմէի, անոր որդին Ոզա, Անոր որդին Սամաա, անոր որդին Անգիա, անոր որդին Ասայիան էր։ Ասոնք են, որոնք Դաւիթ երգեցողութեան պաշտօնին վրայ դրաւ Տէրոջը տանը մէջ տապանակին հաստատուելէն յետոյ։ Անոնց պաշտօնը վկայութեան խորանին առջեւ օրհնութիւն երգել էր։ Երբ Սողոմոն Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը տունը շինեց, անոնք իրենց կարգին համեմատ իրենց պաշտօնին վրայ կը կենային։ Իրենց որդիներով կեցողները ասոնք են՝ Կահաթեաններու որդիներէն երգող Եմանը, Յովէլի որդին, որ Սամուէլի որդին, Որ Եղկանայի որդին, որ Յերոամի որդին, որ Եզիէլի որդին, որ Թովայի որդին, Որ Սուփիի որդին, որ Եղկանայի որդին, որ Մաաթի որդին, որ Ամեսայիի որդին, Որ Եղկանայի որդին, որ Յովէլի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Սոփոնիայի որդին, Որ Թաաթի որդին, որ Ասիրի որդին, որ Աբիասափի որդին, որ Կորխի որդին, Որ Իսահառի որդին, որ Կահաթի որդին, որ Ղեւիի որդին, որ Իսրայէլի որդին էր։ Եւ անոր աջ կողմը կեցողը իր եղբայրը Ասափն էր ու Ասափ՝ Բարաքիայի որդին, որ Սամաայի որդին, Որ Միքայէլի որդին, որ Բաասիայի որդին, որ Մեղքիայի որդին, Որ Աթանիի որդին, որ Զարայի որդին, որ Ադայիայի որդին, Որ Եթանի որդին, որ Զամմայի որդին, որ Սեմէիի որդին, Որ Յեթի որդին, որ Գերսոնի որդին, որ Ղեւիի որդին էր։ Անոնց եղբայրները՝ Մերարիին որդիները, ձախ կողմը կը կենային. Եթան՝ Կիսիային որդին, որ Աբդիի որդին, որ Մալուքի որդին, Որ Ասաբիայի որդին, որ Ամասիայի որդին, որ Քեղկիայի որդին, Որ Ամասիի որդին, որ Բանիի որդին, որ Սամերի որդին, Որ Մոողի որդին, որ Մուսիի որդին, որ Մերարիի որդին, որ Ղեւիի որդին էր։ Ու անոնց եղբայրները՝ Ղեւտացիները, Աստուծոյ տանը խորանին բոլոր ծառայութեանը նուիրուած էին։ Բայց Ահարոն ու անոր որդիները ողջակէզի սեղանին վրայ ողջակէզ ու խունկի սեղանին վրայ խունկ կը մատուցանէին, Սրբութիւն Սրբութեանցին գործը կատարելով ու Իսրայէլի համար քաւութիւն ընելով, այն ամենուն համեմատ, որ Աստուծոյ ծառան Մովսէս պատուիրեր էր։ Ահարոնին որդիները ասոնք էին՝ անոր որդին Եղիազար, անոր որդին Փենէհէս, անոր որդին Աբիսուա, Անոր որդին Բոկկի, անոր որդին Ոզի, անոր որդին Զարիա, Անոր որդին Մարիօթ, անոր որդին Ամարիա, անոր որդին Աքիտովբ, Անոր որդին Սադովկ, անոր որդին Աքիմաաս։ Կահաթին տոհմին՝ Ահարոնին որդիներուն՝ բնակութիւնները ասոնք էին իրենց գիւղերովը ու իրենց սահմաններովը, քանզի վիճակով այդ ելաւ։ Յուդայի երկրին մէջ Քեբրոնը ու անոր շրջակայ արուարձանները անոնց տուին. Բայց այն քաղաքին արտերը ու անոր գիւղերը Յեփոնեան Քաղէբին տուին։ Յուդայի քաղաքներէն Ահարոնի որդիներուն Քեբրոնը տուին (որ ապաստանի քաղաք էր,) ու Լեբնան իր արուարձաններովը եւ Յաթիրը ու Եսթեմովը իր արուարձաններովը Եւ Քիլէնը իր արուարձաններովը ու Դաբիրը իր արուարձաններովը Եւ Ասանը իր արուարձաններովը ու Բեթսամիւսը իր արուարձաններովը Եւ Բենիամին ցեղէն Գաբան իր արուարձաններովը ու Գաղեմէթը իր արուարձաններովը եւ Անաթովթը իր արուարձաններովը անոնց տոհմերուն բոլոր քաղաքները տասնըերեք քաղաք էին։ Այս ցեղին տոհմերէն մնացած Կահաթին որդիներուն՝ Մանասէին կէս ցեղէն վիճակով տասը քաղաք տրուեցաւ ։ Գեսրոնի որդիներուն՝ իրենց տոհմերուն համեմատ Իսաքարին ցեղէն, Ասերին ցեղէն ու Նեփթաղիմի ցեղէն ու Բասանի մէջ բնակող Մանասէին ցեղէն տասնըերեք քաղաք տրուեցաւ։ Մերարիին որդիներուն՝ իրենց տոհմերուն համեմատ Ռուբէնին ցեղէն ու Գադին ցեղէն եւ Զաբուղոնին ցեղէն վիճակով տասներկու քաղաք տրուեցաւ։ Իսրայէլին որդիները այս քաղաքները իրենց արուարձաններովը Ղեւտացիներուն տուին։ Յուդային որդիներուն ցեղէն ու Շմաւոնին որդիներուն ցեղէն ու Բենիամինին որդիներուն ցեղէն վիճակով՝ այս անունով յիշուած քաղաքները տուին։ Կահաթին որդիներուն մնացած տոհմերուն կալուածներու քաղաքները Եփրեմի ցեղէն էին։ Անոնց Եփրեմի լերանը վրայ Սիւքէմը տուին, (որ ապաստանի քաղաքներէն էր) ու անոր արուարձանները եւ Գազերը իր արուարձաններովը Ու Յեկմամը իր արուարձաններովը եւ Բեթորոնը իր արուարձաններովը Ու Այեղոնը իր արուարձաններովը եւ Գեթրեմօնը իր արուարձաններովը Ու Մանասէին կէս ցեղէն Անէրը իր արուարձաններովը եւ Յեբղաամը իր արուարձաններովը Կահաթի որդիներուն մնացած տոհմին տուին ։ Գերսոնի որդիներուն Մանասէին կէս ցեղին տոհմէն Բասանի մէջ Գովղանը իր արուարձաններովը ու Աստարովթը իր արուարձաններովը Եւ Իսաքարի ցեղէն Կադէսը իր արուարձաններովը, Դաբարաթը իր արուարձաններովը Ու Ռամովթը իր արուարձաններովը եւ Անամը իր արուարձաններովը Ու Ասերի ցեղէն Մասաղը իր արուարձաններովը եւ Աբդօնը իր արուարձաններովը Ու Հուկոկը իր արուարձաններովը եւ Րոոբը իր արուարձաններովը Ու Նեփթաղիմին ցեղէն Գալիլիայի մէջ Կադէսը իր արուարձաններովը եւ Համմօնը իր արուարձաններովը ու Կարիաթեմը իր արուարձաններովը տուին ։ Մնացածներուն, այսինքն Մերարիին որդիներուն, Զաբուղոնին ցեղէն Ռեմօնը իր արուարձաններովը, Թաբօրը իր արուարձաններովը, Ու Երիքովի անդիի կողմը, Յորդանանի արեւելեան կողմը, Ռուբէնին ցեղէն անապատին մէջ Բոսորը իր արուարձաններովը ու Յասսան իր արուարձաններովը Եւ Կադէմօթը իր արուարձաններովը ու Մեփայաթը իր արուարձաններովը Եւ Գադին ցեղէն Գաղաադի մէջ Ռամովթը իր արուարձաններովը ու Մանայիմը իր արուարձաններովը Ու Եսեբոնը իր արուարձաններովը եւ Յազերը իր արուարձաններովը տուին ։ Իսաքարին որդիները՝ Թովղա ու Փուա եւ Յասուբ ու Սամրօն՝ չորս էին։ Թովղային որդիները՝ Ոզի ու Հռափայիա եւ Յերիէլ ու Յեմայի եւ Յեբսամ ու Սամուէլ, իրենց հօրը Թովղայի տանը իշխանները ու իրենց ազգին մէջ զօրաւոր կտրիճներ էին։ Դաւիթին օրերը անոնց թիւը քսանըերկու հազար վեց հարիւր էր։ Ոզիին որդիները՝ Յեզերիա ու Յեզերիային որդիները՝ Միքայէլ եւ Աբդիա ու Յովէլ ու Յեսիա՝ հինգ էին։ Ամէնքն ալ իշխաններ էին Ու անոնց հետ անոնց ցեղին ու ազգատոհմին մէջ պատերազմի շարուող երեսունըվեց հազար զօրք կար, քանզի անոնց կիներն ու որդիները շատուոր էին։ Անոնց եղբայրները Իսաքարի բոլոր տոհմերուն մէջ զօրաւոր կտրիճներ ըլլալով՝ իրենց ազգահամարին համեմատ ամէնքը ութսունըեօթը հազար էին։ Բենիամինին որդիները ՝ Բաղա, Բոքոր ու Յեդիէլ, երեք էին։ Բաղային որդիները՝ Եսբօն, Ոզի, Ոզիէլ, Յերիմովթ ու Իրի՝ իրենց ազգատոհմին իշխաններն ու զօրաւոր կտրիճները, հինգ էին։ Անոնց ազգահամարին մէջ գրուածները քսանըերկու հազար երեսունըչորս հոգի էին։ Բոքորին որդիները՝ Զամիրա, Յովաս, Եղիազար, Եղիովէնայի, Ամրի, Յերիմովթ, Աբիա, Անաթովթն ու Գազեմէթն էին։ Ասոնք ամէնքը Բոքորի որդիներն էին։ Անոնց ազգահամարին մէջ իրենց ազգատոհմերուն իշխաններն ու զօրաւոր կտրիճները քսան հազար երկու հարիւր հոգի էին։ Յեդիէլին որդին՝ Բաղղան ու Բաղղանին որդիները՝ Յեուս, Բենիամին, Աւովդ, Քանանա, Զեթան, Թարսիս ու Աքիսաարն էին։ Ասոնք ամէնքը Յեդիէլին որդիները, իրենց տոհմերուն իշխաններն ու զօրաւոր կտրիճները տասնըեօթը հազար երկու հարիւր պատերազմի ելլող մարդիկ էին։ Եւ Սուփիմ ու Ոփիմ Իրիին որդիներն էին, Հուսիմ ալ Աքերի որդին էր։ Նեփթաղիմին որդիները՝ Յասիէլ, Գունի, Յասեր ու Սեղղում՝ Բաղղայի սերունդէն էին։ Մանասէին որդիները՝ Ասրիէլ, որ իր կինը ծնաւ ու անոր Ասորի հարճը՝ Գաղաադի հայրը Մաքիրը ծնաւ։ Մաքիր իրեն կին առաւ Ոփիմին ու Սուփիմին քոյրը, որուն անունը Մաաքա էր ու երկրորդին անունը Սալպաադ էր։ Սալպաադի աղջիկներ ծնան։ Մաքիրի կինը Մաաքա որդի մը ծնաւ, անոր անունը Փարէս կոչեց ու անոր եղբօրը անունը Սարէս էր։ Անոր որդիները՝ Ուղամ ու Րոկոմ էին։ Ուղամին որդին Բեդան էր։ Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիները ասոնք էին։ Անոր քոյրը Մաղեքէթ ծնաւ Եսուդը, Աբիեզերը, Մաալան։ Յեմիդային որդիները՝ Աքիան, Սիւքէմ, Ղակէի ու Անիամ էին։ Եփրեմին որդիները՝ Սուտաղա, (եւ անոր որդին Բարադ ու անոր որդին Եղիադա եւ անոր որդին Թաաթ, Ու անոր որդին Զաբադ եւ անոր որդին Սուտաղա,) նաեւ Եզեր ու Եղիադ էին։ Զանոնք այն երկրին մէջ ծնած Գեթացիները մեռցուցին, քանզի անոնց անասունները առնելու իջան։ Անոնց հայրը Եփրեմ շատ օրեր սուգ բռնեց ու անոր եղբայրները զանիկա մխիթարելու գացին։ Անիկա իր կնոջ մտաւ ու անիկա յղանալով որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Բարիա կոչեց, վասն զի իր տանը վրայ չարիք եկած էր։ Անոր աղջիկը Սէէրան էր։ Ասիկա վարի ու վերի Բեթորոնը ու Ոզան-Սէէրան շինեց։ Անոր որդին Հռափէ ու Հռասէփ ու անոր որդին Թաղէ եւ անոր որդին Թաան, Անոր որդին Ղաադան, անոր որդին Ամիուդ, անոր որդին Եղիսամա, Անոր որդին Նաւէ ու անոր որդին Յեսու էր։ Անոնց կալուածներն ու բնակութիւնները ասոնք էին՝ Բեթէլ ու անոր գիւղերը ու արեւելեան կողմէն Նաարան եւ արեւմտեան կողմէն Գազեր ու անոր գիւղերը եւ Սիւքէմ ու անոր գիւղերը, մինչեւ Գազա ու անոր գիւղերը։ Եւ Մանասէին որդիներուն սահմաններուն քով Բեթսան ու անոր գիւղերը, Թանաք ու անոր գիւղերը, Մակեդդով ու անոր գիւղերը, Դովր ու անոր գիւղերը. Իսրայէլի որդիին Յովսէփին որդիները ասոնց մէջ կը բնակէին։ Ասերին որդիները՝ Յեմնա, Յեսուա, Յեսուի ու Բարիա եւ անոնց քոյրը Սարա էր։ Բարիայի որդիները Քաբեր ու Մեղեքիէլ էին։ Ասիկա Բարսայիթին հայրն էր։ Քաբեր ծնաւ Յափաղէթը, Սովմերը եւ Քովթամը ու անոնց քոյրը Սովղան։ Յափաղէթին որդիները՝ Փասաք, Բամայէլ ու Ասուաթ էին. Յափաղէթին որդիները ասոնք էին։ Սովմերի որդիները՝ Աքի, Հռաոգա, Ոբա ու Արամ էին։ Անոր եղբօրը Հելեմի որդիները՝ Սովփա, Յամանա, Սելէս եւ Ամաղն էին։ Սովփայի որդիները՝ Սուա, Առնափար, Սուաղ, Բարի, Յեմրա, Բասար, Ովդ, Սամմա, Սաղիսա, Յեթրան եւ Բէերա։ Յեթերի որդիները՝ Յեփոնէ, Փասփա եւ Արա էին։ Ովղայի որդիները՝ Արահ, Անիէլ ու Հռասիան էին։ Ասոնք ամէնքը Ասերի որդիներն էին ու իրենց ազգատոհմերուն իշխաններն էին, ընտիր ու զօրաւոր կտրիճներ եւ գլխաւոր իշխաններ էին։ Անոնց ազգահամարին մէջ պատերազմական զօրքերուն թիւը քսանըվեց հազար մարդ էր։ Բենիամին ծնաւ իր անդրանիկը՝ Բաղան, երկրորդը՝ Ասբէլը, երրորդը՝ Սարան, Չորրորդը՝ Նովան ու հինգերորդը՝ Ռափան։ Բաղային որդիները Ադար, Գերա, Աբիուդ, Աբիսուա, Նէեման, Աքուք, Գերա, Սուփան եւ Քիրամ էին։ Աքուդի որդիները ասոնք էին, Գաբայի բնակիչներուն իշխանները ասոնք էին։ Զանոնք Մանաքադ փոխադրեցին. Նէեման ու Աքիա ու զանոնք փոխադրողը Գերա։ Ասիկա Ոզան ու Աքիուդը ծնաւ։ Սաարիմ զանոնք ղրկելէն ետքը Մովաբին երկրին մէջ զաւակներ ծնաւ ու անոր կիները Հուսիմ ու Բաարա էին։ Իր կնոջմէն՝ Գոդեսէն, Յոբաբը, Սաբիան, Մեսան, Մեղքամը, Յէուսը, Սեքիան ու Մարման ծնան։ Ասոնք անոր որդիներն ու տոհմերուն իշխաններ էին։ Հուսիմէ Աբիտովբն ու Եղփաաղը ծնաւ։ Եղփաաղի որդիները՝ Եբեր, Մեսաամ ու Սամեր, (ասիկա Ովնովը, Ղովդն ու անոր գիւղերը շինեց,) եւ Բարիա ու Սեմա էին։ Ասոնք Այեղոն բնակող տոհմերուն իշխաններն էին ու ասոնք վռնտեցին Գէթին բնակիչները։ Աքիով, Սովսեկ, Յերիմովթ, Զաբադիա, Արադ, Եդեր, Միքայէլ, Յեսփա ու Յովքա Բարիային որդիներն էին։ Զաբադիա, Մեսուղամ, Ազակի, Քաբեր, Յեսամարի, Յեզղիա եւ Յոբաբ Եղփաաղին որդիներն էին։ Յակիմ, Զեքրի, Զարդի, Եղիէնայի, Սաղթի, Եղիէլ, Ադայիա, Բարիա եւ Սամարաթ Սեմէիին որդիներն էին։ Յեսփան, Եբեր, Եղիէլ, Աբդօն, Զեքրի, Անան, Անանիա, Եղամ, Անաթովթիա, Յեփադիա ու Փանուէլ Սովսեկին որդիներն էին։ Սամսարի, Սաարիա, Գոթողիա, Յարասիա, Եղիա եւ Զեքրի Յերոամին որդիներն էին։ Ասոնք իրենց տոհմերուն համեմատ նահապետներ ու իշխաններ էին ու Երուսաղէմի մէջ կը բնակէին։ Գաբաւոնի մէջ Գաբաւոնին հայրը կը բնակէր։ Անոր կնոջ անունը Մաաքա էր։ Անոր անդրանիկ որդին Աբդօն էր. ետքը՝ Սուր, Կիս, Բաաղ, Նադաբ, Գեդովր, Աքիով ու Զաքար էին։ Մակեղօթ ծնաւ Սամաան ու ասոնք ալ իրենց եղբայրներուն դէմ Երուսաղէմի մէջ իրենց եղբայրներուն հետ բնակեցան։ Ներ ծնաւ Կիսը ու Կիս ծնաւ Սաւուղը եւ Սաւուղ ծնաւ Յովնաթանը, Մեղքիսաւէն, Աբինադաբն ու Եսբաաղը։ Յովնաթանին որդին Մերիբաաղ էր։ Մերիբաաղ ծնաւ Միքան։ Միքային որդիները Փիթօն, Մելէք, Թարէ ու Աքազ էին։ Աքազ ծնաւ Յովադան ու Յովադան ծնաւ Գաղեմէթը, Ազամօթն ու Զամբրին։ Զամբրին ծնաւ Մոսան, Մոսան ծնաւ Բանաան. անոր որդին Ռափա, անոր որդին Եղեասա ու անոր որդին Եսէլ էր։ Եսէլ վեց որդի ունէր, որոնց անուններն են՝ Եզրիկամ, Բոքերու, Իսմայէլ, Սաարիա, Աբդիա ու Անան։ Ասոնք Եսէլի որդիներն էին։ Անոր եղբօրը Եսեկին որդիները՝ անդրանիկը Ուղամ, երկրորդը՝ Յեուս, երրորդը՝ Եղիփաղէտ էր։ Ուղամին որդիները զօրաւոր կտրիճներ ու աղեղնաւորներ էին։ Անոնք շատ որդիներ ու թոռներ ունէին հարիւր յիսունի չափ. ասոնք Բենիամինին որդիներն էին։ Այսպէս բոլոր իսրայելացիները արձանագրուած էին եւ Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներու գրքին մէջ գրուած էին, որոնք իրենց անօրէնութեանը համար Բաբելոն գերի տարուեցան։ Անոնց կալուածքներուն մէջ անոնց քաղաքներուն մէջ բնակողները՝ Իսրայելացիներէն, քահանաներէն, Ղեւտացիներէն եւ Նաթայիմներէն ասոնք էին ։ Ու Երուսաղէմի մէջ Յուդային որդիներէն, Բենիամինին որդիներէն, Եփրեմին ու Մանասէին որդիներէն բնակեցան։ Յուդային որդիին Փարէսին որդիներէն՝ Բանիին որդիին Իմրիին որդիին Ամրիին որդիին Ամիուդին որդին Ութայի։ Եւ Սելօմեաններէն՝ անոր անդրանիկը Ասայիա ու անոր որդիները։ Զարայի որդիներէն՝ Յէիլ ու անոնց եղբայրները՝ վեց հարիւր իննսուն մարդ։ Բենիամինին որդիներէն՝ Ասանուային որդիին Ովդուիային որդիին Մեսուղամին որդին Սալլու։ Յերոամին որդին Յեբնիա ու Մաքրիին որդիին Ոզիին որդին Էլա ու Յեբնիային որդիին Ռագուէլին որդիին Սափատիային որդին Մեսուղամ Եւ անոնց եղբայրները իրենց ցեղերուն համեմատ՝ ինը հարիւր յիսունըվեց մարդ։ Այս բոլոր մարդիկը իրենց տոհմերուն նահապետներն էին։ Քահանաներէն Յեդայիա՝ Յովարիբ ու Յաքին Եւ Աստուծոյ տանը վերակացու՝ Աքիտովբի որդիին Մարիօթին որդիին Սադովկին որդիին Մեսուղամին որդիին Քեղկիային որդին Ազարիա Ու Մեղքիային որդիին Փասուրի որդիին Յերոամին որդին Ադայիա ու Եմմերին որդիին Մեսեղամօթին որդիին Մեսուղամին որդիին Եզիրային որդիին Ադիէլին որդին Մասէ Եւ անոնց եղբայրները, իրենց տոհմերուն իշխանները, հազար եօթը հարիւր վաթսուն զօրաւոր կտրիճներ՝ Աստուծոյ տանը գործին ծառայութեանը մէջ էին։ Ղեւտացիներէն՝ Մերարիի որդիներէն, Ասաբիային որդիին Եզրիկամին որդիին Ասուբի որդին Սեմայիա Եւ Բակբակար ու Արէս եւ Գաղաղ ու Ասափին որդիին Զեքրիին որդիին Միքայի որդին Մաթանիա Եւ Իդիթունի որդիին Գաղաղի որդիին Սեմայիայի որդին Աբդիա ու Եղկանայի որդիին Ասայի որդին Բարաքիան, որ Նետոփաթացիներու գիւղերուն մէջ կը բնակէր։ Դռնապանները՝ Սեղղում, Ակկուբ, Տեղմոն եւ Աքիման ու անոնց եղբայրները. ասոնց վերակացուն Սեղղումն էր։ Մինչեւ հոս թագաւորին դուռը կը կայնէին, որ արեւելեան կողմն է. ասոնք Ղեւիին որդիներուն բանակներուն դռնապաններն էին։ Կորխին որդիին Աբիասափին որդիին Կովրէին որդին Սեղղումը ու անոր եղբայրները, անոր հօրը տունէն եղող Կորխացիները, ծառայութեան գործին վրայ էին ու խորանին սեմերուն պահպանութիւնը կ’ընէին։ Անոնց հայրերը Տէրոջը բանակին մէջ դրան պահպանութիւնը կ’ընէին։ Ու Եղիազարի որդին Փենէհէս առաջ անոնց վրայ իշխան էր ու Տէրը անոր հետ էր։ Մասեղամիային որդին Զաքարիան վկայութեան խորանին դրանը պահապանն էր։ Դռներուն մէջ պահպանութիւն ընելու համար բոլոր դռնապան ընտրուածները երկու հարիւր տասնըերկու հոգի էին։ Ասոնք իրենց բնակած գիւղերուն համեմատ ազգահամարի մէջ գրուեցան։ Դաւիթ ու Սամուէլ տեսանողը զանոնք իրենց պաշտօնին վրայ հաստատեցին։ Անոնք ու անոնց որդիները Տէրոջը տանը, այսինքն խորանին տանը, դռներուն քով պահպանութիւն կ’ընէին։ Դռնապանները չորս կողմերը կը կենային՝ արեւելեան, արեւմտեան, հիւսիսային ու հարաւային կողմերը։ Գիւղերուն մէջ եղող անոնց եղբայրները ատեն ատեն կու գային ու եօթնական օր անոնց հետ կը կենային ։ Քանզի չորս գլխաւոր դռնապանները Ղեւտացիներ էին, որոնք նաեւ սենեակներուն եւ Աստուծոյ տանը գանձերուն պատասխանատու էին։ Գիշերը Աստուծոյ տանը շուրջը կը կենային, քանզի պահպանութիւնը իրենց պարտականութիւնն էր։ Ամէն առտու անոնք պիտի բանային։ Պաշտամունքի անօթներուն վերակացուները անոնցմէ էին, քանզի համրանքով ներս կը բերէին ու համրանքով դուրս կը հանէին։ Միւս ամաններուն ու սրբարանին բոլոր գործիքներուն եւ նաշիհին ու գինիին ու իւղին եւ կնդրուկին ու համեմներուն վերակացուներն ալ անոնցմէ էին։ Բայց համեմներուն բաղադրութիւնովը իւղ շինողները քահանաներուն որդիներն էին։ Ղեւտացիներէն՝ Կորխացի Սեղղումին անդրանիկը Մատաթիան տապակի գործին վերակացուն էր։ Առաջաւորութեան հացին վերակացուները անոնց եղբայրներէն, Կահաթացիներու որդիներէն էին, որպէս զի շաբաթէ շաբաթ պատրաստեն։ Ասոնք, այսինքն Ղեւտացիներու տոհմերուն իշխանները, երգիչներ էին եւ սենեակներուն մէջ կը նստէին եւ ուրիշ գործ մը չունէին, քանզի ցորեկ ու գիշեր այս պաշտօնով զբաղած էին։ Այս Ղեւտացիներուն տոհմերուն իշխանները իրենց ցեղերուն համեմատ իշխաններ էին։ Անոնք Երուսաղէմի մէջ կը բնակէին։ Գաբաւոնի մէջ Գաբաւոնին հայրը Յէիէլը կը բնակէր։ Անոր կնոջ անունը Մաաքա էր։ Անոր անդրանիկ որդին Աբդօն էր. ետքը՝ Սուր, Կիս, Բաաղ, Ներ, Նադաբ, Գեդովր, Աքիով, Զաքարիա եւ Մակեղօթ էին։ Մակեղօթ ծնաւ Սամաամը ու ասոնք ալ իրենց եղբայրներուն դէմ՝ Երուսաղէմի մէջ իրենց եղբայրներուն հետ բնակեցան։ Ներ ծնաւ Կիսը ու Կիս ծնաւ Սաւուղը եւ Սաւուղ ծնաւ Յովնաթանը, Մեղքիսաւէն, Աբինադաբը ու Եսբաաղը։ Յովնաթանին որդին Մերիբաաղն էր։ Մերիբաաղը ծնաւ Միքան։ Միքային որդիները՝ Փիթօն, Մելէք, Թարէ ու Աքազ էին։ Աքազ ծնաւ Յովադան, Յովադան ծնաւ Գաղեմէթը, Ազամօթն ու Զամբրին։ Եւ Զամբրին ծնաւ Մոսան Ու Մոսան ծնաւ Բանան. անոր որդին Ռափայիա, անոր որդին Եղեասա ու անոր որդին Եսէլ էր։ Եսէլ վեց որդի ունէր։ Անոնց անունները ասոնք են՝ Եզրիկամ, Բոքերու, Իսմայէլ, Սաարիա, Աբդիա ու Անան։ Եսէլին որդիները ասոնք էին։ Փղշտացիները Իսրայէլի հետ պատերազմ ըրին։ Իսրայէլի մարդիկը Փղշտացիներուն առջեւէն փախան ու Գեղբուէ լերանը վրայ սպաննուած ինկան։ Փղշտացիները Սաւուղին ու անոր որդիներուն հասան եւ Փղշտացիները Սաւուղին որդիները՝ Յովնաթանը, Աբիադաբն ու Մեղքիսաւէն զարկին։ Պատերազմը Սաւուղին վրայ սաստկացաւ ու աղեղնաւորները զանիկա գտան։ Աղեղնաւորներէն վիրաւորուելով, Սաւուղ իր կապարճակիրին ըսաւ. «Սուրդ քաշէ ու անով զիս խոցէ, չըլլայ որ այս անթլփատները գան ու զիս ծաղր ընեն»։ Բայց կապարճակիրը չուզեց, քանզի շատ վախցաւ։ Սաւուղ սուրը առաւ ու անոր վրայ ինկաւ։ Կապարճակիրը Սաւուղին մեռնիլը տեսնելով՝ ինքն ալ իր սուրին վրայ ինկաւ ու մեռաւ։ Այսպէս մեռան Սաւուղ ու անոր երեք որդիները։ Անոր բոլոր տունն ալ մէկտեղ մեռան։ Հովիտին մէջ եղող բոլոր Իսրայէլի մարդիկը անոնց փախչիլը եւ Սաւուղին ու անոր որդիներուն մեռնիլը տեսնելով՝ իրենց քաղաքները թողուցին ու փախան։ Փղշտացիները եկան ու անոնց մէջ բնակեցան։ Հետեւեալ օրը Փղշտացիները գացին, որպէս զի մեռելները մերկացնեն։ Սաւուղը եւ անոր որդիները Գեղբուէի լերան վրայ ինկած գտան։ Զանիկա մերկացուցին եւ անոր գլուխն ու զէնքերը առին։ Փղշտացիներու երկրին չորս կողմը իրենց կուռքերուն ու ժողովուրդին այս աւետիսը տալու համար մարդ ղրկեցին։ Եւ անոր զէնքերը իրենց Աստուծոյն տունը դրին, իսկ անոր գլուխը Դագոնին տանը մէջ գամեցին։ Գաղաադի Յաբիսի բոլոր բնակիչները երբ լսեցին ինչ որ Փղշտացիները Սաւուղին ըրած են, Բոլոր զօրաւոր մարդիկը ոտքի ելան եւ Սաւուղին մարմինն ու անոր որդիներուն մարմինները վերցուցին եւ զանոնք Յաբիս բերին եւ անոնց ոսկորները Յաբիսի մէջ բեւեկնիին տակ թաղեցին ու եօթը օր ծոմ պահեցին։ Այսպէս մեռաւ Սաւուղ Տէրոջը դէմ ըրած ապստամբութեան մեղքին համար. որովհետեւ Տէրոջը խօսքը չպահեց, նաեւ վհուկ փնտռեց բան հարցնելու համար Ու Տէրոջը չհարցուց. ուստի Տէրը զանիկա մեռցուց ու թագաւորութիւնը Յեսսէին որդիին Դաւիթին դարձուց։ Բոլոր Իսրայէլ Դաւիթին քով Քեբրոնի մէջ հաւաքուեցան ու ըսին. «Ահա մենք քու ոսկորդ ու քու մարմինդ ենք։ Ասկէ առաջ ալ, երբ Սաւուղ թագաւոր էր, Իսրայէլը դուրս հանողն ու ներս բերողը դուն էիր։ Քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսաւ. ‘Իմ ժողովուրդս Իսրայէլը դուն պիտի հովուես ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին վրայ դուն իշխան պիտի ըլլաս’»։ Իսրայէլի բոլոր ծերերը Քեբրոն եկան թագաւորին ու Դաւիթ Քեբրոնի մէջ Տէրոջը առջեւ անոնց հետ դաշինք կնքեց ու անոնք Դաւիթը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծեցին, ինչպէս Տէրը Սամուէլին միջոցով ըսեր էր։ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի հետ Երուսաղէմ, այսինքն Յեբուս, գնաց ու հոն այն երկրին բնակիչները, Յեբուսացիները կը բնակէին ։ Յեբուսի բնակիչները Դաւիթին ըսին. «Հոս պիտի չմտնես»։ Բայց Դաւիթ առաւ Սիօնի բերդը, (որ Դաւիթի քաղաք կը կոչուի )։ Ու Դաւիթ ըսաւ. «Ով որ Յեբուսացիները առաջ զարնէ, անիկա իշխան ու զօրավար պիտի ըլլայ»։ Առաջ Շարուհեային որդին՝ Յովաբ ելաւ ու անիկա զօրավար եղաւ։ Դաւիթ այն բերդին մէջ բնակեցաւ։ Անոր համար անիկա Դաւիթին քաղաքը կոչուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքին չորս բոլորտիքը շինեց, այսինքն Մելօնն ու անոր շրջակայ տեղերը։ Յովաբ քաղաքին մնացորդը նորոգեց։ Դաւիթ երթալով կը մեծնար ու զօրքերու Տէրը անոր հետ էր։ Ասոնք են Դաւիթին գլխաւոր զօրավարները, որոնք անոր թագաւորութեանը համար անոր օգնութիւն ըրին բոլոր Իսրայէլի հետ, որպէս զի անիկա թագաւոր ըլլայ, Տէրոջը Իսրայէլին ըսած խօսքին համեմատ։ Դաւիթին զօրաւոր մարդիկը ասոնք են. Հաքեմոնիին որդին Յեսբաամ՝ երեք զօրավարներուն գլուխը, որ իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցուց ու մէկէն զանոնք մեռցուց։ Անկէ ետքը Աքուքացի Դովդային որդին Եղիազարը, որ երեք զօրավարներէն էր։ Ասիկա երբ Ափեսդոմմինի մէջ Դաւիթին հետ էր, Փղշտացիները հոն հաւաքուեցան պատերազմելու համար։ Արտի մը մէկ մասը գարիով լեցուն էր։ Ժողովուրդը Փղշտացիներուն երեսէն փախաւ։ Այս երեք զօրավարները արտին մէջտեղը կայնեցան, զանիկա ազատեցին ու Փղշտացիները զարկին։ Տէրը մեծ փրկութիւն ըրաւ։ Երեսուն զօրավարներէն երեքը՝ Ոդողոմին քարայրը՝ Դաւիթին հետ վէմը իջան, երբ Փղշտացիներուն բանակը Ռափայիններուն հովիտին մէջ բանակեր էր։ Այն ատեն Դաւիթ բերդին մէջ էր։ Փղշտացիները Բեթլէհէմի մէջ ալ բերդապահ զօրք ունէին։ Դաւիթ փափաքելով՝ ըսաւ. «Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ո՞վ ինծի ջուր կրնայ խմցնել»։ Այն ատեն այս երեք մարդիկը Փղշտացիներու բանակը ճեղքեցին անցան ու Բեթլէհէմի դուռը եղող ջրհորէն ջուր քաշեցին եւ Դաւիթին բերին. բայց Դաւիթ զանիկա խմել չուզեց, հապա զանիկա թափելով Տէրոջը նուիրեց Ու ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ ես այս բանը ընեմ։ Միթէ ես անոնց կենսարի՞ւնը պիտի խմեմ. վասն զի իրենց կյանքը վտանգելով այս ջուրը բերին»։ Ու անկէ խմել չուզեց։ Ասոնք են այն երեք զօրավարներուն ըրածները։ Յովաբին եղբայրը՝ Աբեսսան՝ այն երեք մարդոց գլխաւորն էր։ Անիկա իր նիզակը երեք հարիւր մարդոց վրայ վերցնելով՝ սպաննեց զանոնք ու անիկա երեքին մէջ անուանի էր։ Երեքին երկուքէն աւելի համարում ունենալուն համար անոնց գլուխ եղաւ, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Մեծ գործեր գործող Կաբեսէլացի զօրավարի մը որդիին Յովիադային որդին Բանիա Մովաբի երկու զօրաւոր մարդիկը մեռցուց. Նաեւ ձիւնի ժամանակ իջաւ ու Գուբին մէջ առիւծը մեռցուց։ Ասիկա հինգ կանգուն հասակ ունեցող Եգիպտացի մարդ մը մեռցուց, թէեւ Եգիպտացիին ձեռքը ոստայնանկներու գլանին պէս նիզակ մը կար. բայց Բանիա ցուպով մը անոր վրայ յարձակեցաւ ու Եգիպտացիին ձեռքէն նիզակը յափշտակեց եւ զանիկա անոր նիզակովը մեռցուց։ Յովիադային որդին Բանիան այս բաները ըրաւ ու երեք զօրավարներուն մէջ անուանի եղաւ։ Անիկա երեսուն զօրավարներէն աւելի պատիւ ունէր, բայց առաջին երեքին աստիճանին չհասաւ։ Դաւիթ զանիկա իր ատեանին վերակացու դրաւ։ Եւ իր զօրքերուն զօրավարները ասոնք էին ՝ Յովաբին եղբայրը Ասայէլը, Բեթլէհէմացի Դովդային որդին Էլէանան, Արովրացի Սամօթը, Փելօնացի Քեղղէսը, Թեկուացի Եկգեսին որդին Իրասը, Անաթովթացի Աբիեզերը, Ովսացի Սովբաքը, Աքուքացի Եղին, Նետոփաթացի Մաարան, Նետոփաթացի Բաանային որդին Ալադը, Բենիամինին որդիներուն Գաբաայէն Ռիբային որդին Եթթին, Փարաթոնացի Բանիան, Գաասի ձորերէն Հուրան, Արափաթացի Աբիէլը, Բարումացի Ազամօթը, Սաղաբինացի Եղիաբան, Գեղոնացի Հասեմի որդիներէն՝ Արարացի Սագէին որդին Յովնաթանը, Արարացի Սաքաբին որդին Աքիամը, Ովրի որդին Եղիփաղը, Մեքուրաթացի Ոփեր, Փելօնացի Աքիա, Կարմելացի Ասարէն, Ազբիային որդին Նաարան, Նաթանին եղբայրը Յովէլը, Ագարայի որդին Մաբարը, Ամմոնացի Սելեկը, Շարուհեան Յովաբի կապարճակիրը Բերովթացի Նաարան, Յեթերացի Իրասը, Յեթերացի Գարեբը, Քետացի Ուրիան, Աղայիին որդին Զաբադը, Ռուբէնեաններուն գլուխը, Ռուբէնեան Սիզային որդին Ադինան ու անոր հետ երեսուն մարդ կար. Մաաքային որդին Անանը, Մաթանացի Յովսափատը, Աստարովթացի Ոզիան, Արոէրացի Քովթամին որդիները՝ Սամա ու Յէիէլ, Սամարիին որդին Յեդիէլն ու անոր եղբայրը Թիսացի Յովքան, Մահաւացի Եղիէլը, Եղնաամին որդիները՝ Յարիբային եւ Յօսաւիան, Մովաբացի Յեթեման, Եղիէլը, Ովբէդն ու Մեսօբացի Յեսիէլը։ Ասոնք են որ Սիկելակ եկան Դաւիթին քով, երբ անիկա դեռ Կիսեան Սաւուղին երեսէն պահուած էր։ Ասոնք զօրաւորներէն ըլլալով՝ պատերազմին մէջ օգնութիւն կ’ընէին, Քանզի աղեղնաւորներ էին ու պարսատիկով քարեր ու աղեղով նետեր արձակելու համար՝ թէ՛ աջ եւ թէ՛ ձախ ձեռքերնին կը գործածէին։ Անոնք Սաւուղին եղբայրներէն՝ Բենիամինեաններէն էին։ Անոնց գլուխը Աքիեզերն էր, յետոյ Յովասը՝ երկուքն ալ Գաբաացի Սամաային որդիները եւ Յեզիէլ ու Փաղէտ՝ Ազամօթին որդիները եւ Բարաքա ու Անաթովթացի Յէուն Ու երեսունին մէջ զօրաւոր ու երեսունին վերակացուն՝ Գաբաւոնացի Իսմայիան ու Երեմիան ու Յազիէլը եւ Յօհանան ու Գադերացի Յովզաբադը, Եղիոզան ու Յերիմովթը եւ Բաաղիան ու Սամարիան եւ Յարուփացի Սափատիան, Եղկանան, Յեսիան, Ազարիէլը, Յովեզերն ու Յեսբաամը՝ Կորխացիները Ու Գեդովրացի Յերոամին որդիները՝ Յովէլան ու Զաբադիան։ Գադեաններէն ալ Դաւիթին քով անապատին մէջ քաշուեցան՝ զօրաւոր, քաջ, պատերազմիկ, վահան ու նիզակ գործածող մարդիկ։ Անոնց դէմքը առիւծի դէմքի կը նմանէր ու լեռներու վրայի այծ եամներու պէս թեթեւաշարժ էին։ Առաջինը՝ Եզերը, երկրորդը՝ Աբդիան, երրորդը՝ Եղիաբը, Չորրորդը՝ Մասմանան, հինգերորդը՝ Երեմիան, Վեցերորդը՝ Եթթին, եօթներորդը՝ Եղիէլը, Ութերորդը՝ Յօհանան, իններորդը՝ Եղզաբաթը, Տասներորդը՝ Երեմիան, տասնըմէկերորդը՝ Մաքաբանան էր։ Ասոնք Գադին որդիներէն զօրքի իշխաններն էին. պզտիկներէն իւրաքանչիւրը՝ հարիւրի վրայ ու մեծերէն իւրաքանչիւրը հազարի վրայ էր։ Ասոնք են, որ առաջին ամսուան Յորդանանէն անցան, երբ ջուրը իր բոլոր եզերքները յորդեր էր եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք՝ հովիտին բոլոր բնակիչները փախցուցին։ Բերդը Դաւիթին քով Բենիամինին ու Յուդային որդիներէն ալ եկան։ Դաւիթ անոնց առջեւ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Եթէ խաղաղութեամբ ինծի օգնութիւն ընելու եկեր էք, իմ սիրտս ձեզի հետ պիտի ըլլայ. բայց եթէ խաբէութեամբ զիս իմ թշնամիներուս ձեռքը մատնելու համար եկեր էք, (որ իմ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն մը չկայ,) մեր հայրերուն Աստուածը թող տեսնէ ու յանդիմանէ»։ Եւ իշխաններուն գլուխը՝ Ամեսայի՝ Հոգիով լեցուեցաւ ու ըսաւ. «Մենք քուկդ ենք ո՛վ Դաւիթ, Ու քեզի հետ պիտի ըլլանք, ո՛վ Յեսսէի որդի. Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն քեզի Ու քու օգնականներուդ խաղաղութիւն թող ըլլայ, Քանզի քու Աստուածդ քեզի օգնական է»։ Այն ատեն Դաւիթ զանոնք ընդունեց ու զանոնք իր գունդին իշխաններուն մէջ դրաւ։ Մանասէէն ալ Դաւիթին միացան, երբ անիկա Փղշտացիներուն հետ Սաւուղին վրայ պատերազմելու գնաց, բայց անոնց օգնութիւն չըրին, քանզի Փղշտացիներուն նախարարներուն խորհրդով զանիկա ետ ղրկեցին՝ ըսելով. «Ասիկա մեր գլուխներ ուն վնաս ովը, իր տիրոջը, Սաւուղին կրնայ միանալ»։ Երբ անիկա Սիկելակ կ’երթար, Մանասէին հազարապետները՝ Եդնան, Յովզաբադը, Յեդիէլը, Միքայէլը, Յովզաբադը, Եղիուսն ու Սաղթին զինք լքեցին։ Ասոնք Դաւիթին օգնեցին ասպատակներուն գունդին վրայ յարձակելով ՝ ՝, քանզի ամէնքն ալ զօրաւոր կտրիճներ էին ու զօրքերու իշխաններ էին. Վասն զի այն ատեն օրէ օր Դաւիթին կու գային անոր օգնելու համար, այնպէս որ Աստուծոյ բանակին պէս մեծ բանակ մը եղաւ։ Ասոնք են անունները այն սպառազինեալ զօրքերուն, որոնք Քեբրոն եկան Դաւիթին, որպէս զի Տէրոջը խօսքին համեմատ անոր դարձնեն Սաւուղին թագաւորութիւնը. Յուդայի որդիներէն վահան ու նիզակ կրող վեց հազար ութ հարիւր սպառազինեալ զօրք, Շմաւոնի որդիներէն եօթը հազար հարիւր պատերազմիկ զօրաւոր կտրիճներ, Ղեւիի որդիներէն չորս հազար վեց հարիւր Եւ Ահարոնեաններուն առաջնորդը Յովիադան ու անոր հետ երեք հազար եօթը հարիւր մարդիկ, Զօրաւոր կտրիճ Սադովկ երիտասարդը ու անոր հօրը տունէն քսանըերկու իշխան Եւ Սաւուղին եղբայրներէն, Բենիամինին որդիներէն, երեք հազար մարդիկ. քանզի մինչեւ այն ատեն անոնց մեծ մասը Սաւուղին տանը պահպանութիւնը կ’ընէին Ու Եփրեմին որդիներէն անոնց ազգատոհմերուն անուանի մարդիկը՝ քսան հազար ութ հարիւր զօրաւոր կտրիճներ, Մանասէին կէս ցեղէն տասնըութը հազար մարդ, որոնք իրենց անուններովը որոշուեցան երթալու ու Դաւիթը թագաւոր օծելու, Իսաքարի որդիներէն երկու հարիւր իմաստուն իշխաններ, որոնք ժամանակներուն համեմատ գիտէին թէ Իսրայէլ ի՛նչ ընելու է ու անոնց բոլոր եղբայրները անոնց բերանին կը նայէին, Զաբուղոնէն պատերազմի ելլող եւ ամէն տեսակ պատերազմական գործիքներով պատերազմող յիսուն հազար մարդ, որոնք մէկ սրտով՝ ՝ կարգով կը շարուէին, Նեփթաղիմէն հազար իշխան եւ անոնց հետ երեսունըեօթը հազար վահանաւոր ու նիզակաւոր մարդ, Դանեաններէն քսանըութը հազար վեց հարիւր պատերազմիկներ, Ասերէն քառասուն հազար պատերազմի գացող զօրք, Յորդանանի անդիի կողմէն՝ Ռուբէնեաններէն ու Գադեաններէն եւ Մանասէին կէս ցեղէն, ամէն տեսակ պատերազմական գործիքներով պատերազմող հարիւր քսան հազար մարդ։ Բոլոր այս գունդով շարուող պատերազմիկները անկեղծ սրտով Քեբրոն եկան՝ Դաւիթը բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ընելու համար ու Իսրայէլի բոլոր մնացորդն ալ համաձայն էր, որ Դաւիթը թագաւոր ըլլայ։ Հոն Դաւիթին հետ ուտելով ու խմելով երեք օր կեցան. քանզի անոնց եղբայրները անոնց համար պատրաստութիւն տեսեր էին։ Անոնց մօտ եղողներն ալ, մինչեւ անգամ Իսաքար, Զաբուղոն ու Նեփթաղիմ՝ էշերով, ուղտերով, ջորիներով ու եզներով հաց բերին. նաեւ ուտելիքի համար շատ ալիւր, չոր թուզ, չամիչ, գինի, իւղ, արջառներ ու ոչխարներ. քանզի Իսրայէլի մէջ ուրախութիւն կար։ Դաւիթ հազարապետներուն ու հարիւրապետներուն եւ բոլոր իշխաններուն հետ խորհուրդ ըրաւ։ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին ըսաւ. «Եթէ ձեզի հաճոյ կ’երեւնայ ու այս բանը մեր Տէր Աստուծմէն է, Իսրայէլի բոլոր երկիրներուն մէջ մնացած մեր եղբայրներուն ու անոնց հետ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, իրենց քաղաքներն ու արուարձանները, մարդ ղրկենք՝ ՝, որպէս զի մեր քով հաւաքուին Եւ մեր Աստուծոյն տապանակը մեր քով փոխադրենք. քանզի Սաւուղին օրերը զանիկա զանց առինք»։ Ու բոլոր ժողովուրդը հաճութիւն տուաւ. քանզի այս խօսքը բոլոր ժողովուրդին աչքերուն ուղիղ երեւցաւ։ Եւ Դաւիթ Եգիպտոսի Սիովրէն մինչեւ Եմաթի մուտքը բոլոր Իսրայէլը հաւաքեց՝ Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէն բերելու համար։ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլին հետ Բաաղ, այսինքն Յուդայի Կարիաթարիմը գնաց, որպէս զի անկէ՝ քերովբէներուն վրայ նստող Եհովա Աստուծոյն տապանակը փոխադրէ։ Աստուծոյ տապանակը Աբինադաբի տունէն վերցնելով նոր սայլի մը վրայ դրին ու Ոզա ու Աքիով այն սայլը կը վարէին։ Եւ Դաւիթ ու բոլոր Իսրայէլ բոլոր ուժով Աստուծոյ առջեւ կը խաղային օրհնութիւններով, քնարներով, տաւիղներով, թմբուկներով, ծնծղաներով ու փողերով։ Երբ Քիդոնին կալը եկան, Ոզա իր ձեռքը երկնցուց որպէս զի տապանակը բռնէ. քանզի եզները զանիկա ծռեր էին։ Տէրոջը բարկութիւնը Ոզային դէմ բորբոքեցաւ եւ ձեռքը տապանակին երկնցնելուն համար զանիկա զարկաւ։ Անիկա հոն Աստուծոյ առջեւ մեռաւ։ Եւ Դաւիթ տրտմեցաւ, քանզի Տէրը հարուածով Ոզան զարկաւ ու այն տեղին անունը մինչեւ այսօր Փարէս-Ոզա կը կոչուի։ Դաւիթ այն օրը Աստուծմէ վախցաւ ու ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը ի՜նչպէս քովս բերեմ»։ Դաւիթ տապանակը իր քով, Դաւիթին քաղաքը չբերաւ. հապա զանիկա Գեթացի Աբդեդօմին տունը դարձուց։ Աստուծոյ տապանակը Աբդեդօմին տանը մէջ երեք ամիս մնաց ու Տէրը Աբդեդօմին տունն ու անոր բոլոր ստացուածքը օրհնեց։ Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Դաւիթին դեսպաններ, եղեւնափայտեր, որմնադիրներ ու հիւսներ ղրկեց, որպէսզի անոր տունը շինեն։ Այն ատեն Դաւիթ իմացաւ որ Տէրը զինք Իսրայէլի վրայ թագաւոր հաստատեց, վասն զի իր ժողովուրդին՝ Իսրայէլին համար անոր թագաւորութիւնը բարձրացաւ։ Դաւիթ Երուսաղէմի մէջ ուրիշ կիներ ալ առաւ, Դաւիթ ուրիշ տղաքներ ու աղջիկներ ալ ունեցաւ։ Երուսաղէմի մէջ անոր ծնած տղոցը անունները ասոնք են՝ Սամաա, Սովբաբ, Նաթան, Սողոմոն, Յեբաար, Եղիսուա, Եղիփաղէտ, Նոգա, Նափեկ, Յափիէ, Եղիսամա, Բաղիադա, Եղիփաղէտ։ Փղշտացիները երբ լսեցին Դաւիթին բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծուիլը, բոլոր Փղշտացիները ոտքի ելան, որպէս զի Դաւիթը փնտռեն. երբ Դաւիթ այս բանը լսեց՝ անոնց դէմ ելաւ։ Փղշտացիները եկան եւ Ռափայիններուն հովիտին մէջ տարածուեցան։ Եւ Դաւիթ Աստուծոյ հարցուց ու ըսաւ. «Փղշտացիներուն դէմ ելլե՞մ, զանոնք իմ ձեռքս պիտի մատնե՞ս»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Ելի՛ր, զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնեմ»։ Անոնք Բաաղփասար ելան։ Դաւիթ զանոնք հոն զարկաւ ու ըսաւ. «Աստուած իմ թշնամիներս իմ ձեռքովս պատռեց, ինչպէս ջուրերը թումբերը կը պատռեն»։ Անոր համար այն տեղին անունը Բաաղփարասին կոչեց։ Փղշտացիները հոն թողուցին իրենց աստուածները։ Դաւիթ հրամայեց որ զանոնք կրակով այրեն։ Փղշտացիները նորէն հովիտին մէջ տարածուեցան։ Դաւիթ նորէն Աստուծոյ հարցուց եւ Աստուած անոր ըսաւ. «Անոնց ետեւէն մի՛ երթար, հապա անոնց շուրջը պտըտելով՝ թթենիներուն կողմէն անոնց վրայ գնա՛։ Երբ թթենիներուն գլուխը քալուածքի ձայն լսես, այն ատեն պատերազմելու ելի՛ր, քանզի Աստուած քու առջեւդ պիտի ելլէ Փղշտացիներուն բանակը զարնելու համար»։ Դաւիթ այնպէս ըրաւ՝ ինչպէս Աստուած իրեն հրամայեց ու Գաբաւոնէն մինչեւ Գազեր Փղշտացիներուն բանակը զարկին։ Դաւիթին անունը ամէն երկիր տարածուեցաւ։ Տէրը բոլոր ազգերուն վրայ անոր վախը ձգեց։ Դաւիթ իրեն համար Դաւիթի քաղաքին մէջ տուներ շինեց ու Աստուծոյ տապանակին համար տեղ մը պատրաստեց եւ անոր համար վրան մը կանգնեցուց։ Այն ատեն Դաւիթ ըսաւ. «Աստուծոյ տապանակը վերցնել ուրիշ մէկուն օրինաւոր չէ, բայց միայն Ղեւտացիներուն. քանզի Տէրը զանոնք ընտրեց, որ Աստուծոյ տապանակը վերցնեն ու յաւիտեան անոր ծառայութիւն ընեն»։ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլը Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը տապանակը անոր համար պատրաստուած տեղը հանէ։ Դաւիթ Ահարոնին որդիներն ու Ղեւտացիները հաւաքեց. Կահաթի որդիներէն Ուրիէլ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ հարիւր քսան հոգի. Մերարիին որդիներէն Ասայիա իշխանն ու անոր եղբայրները՝ երկու հարիւր քսան հոգի. Գերսոնին որդիներէն Յովէլ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ հարիւր երեսուն հոգի. Եղիսափանին որդիներէն Սեմայիա իշխանն ու անոր եղբայրները՝ երկու հարիւր հոգի. Քեբրոնին որդիներէն Եղիէլ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ ութսուն հոգի. Ոզիէլին որդիներէն Ամինադաբ իշխանն ու անոր եղբայրները՝ հարիւր տասնըերկու հոգի։ Դաւիթ՝ Սադովկ ու Աբիաթար քահանաները ու Ղեւտացիներէն Ուրիէլը, Ասայիան, Յովէլը, Սեմայիան, Եղիէլն ու Ամինադաբը կանչեց Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք Ղեւտացիներու տոհմերուն իշխաններն էք. ուստի դուք ու ձեր եղբայրները սրբուեցէք, որպէս զի Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տապանակը հանէք այն տեղը, որ ես անոր համար պատրաստեր եմ։ Վասն զի դուք առաջին անգամին հոն չգտնուելնուդ համար, մեր Տէր Աստուածը մեզ հարուածեց, քանզի զանիկա կանոնաւոր կերպով չկարգադրեցինք»։ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տապանակը հանելու համար քահանաներն ու Ղեւտացիները սրբուեցան։ Ղեւտացիներու որդիները Աստուծոյ տապանակը ձողերովը իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին, ինչպէս Մովսէս պատուիրեր էր Տէրոջը խօսքին համեմատ։ Դաւիթ Ղեւտացիներուն իշխաններուն պատուիրեց, որ իրենց եղբայրներէն՝ նուագարաններով, տաւիղներով, քնարներով ու ծնծղաներով երգողներ կեցնեն, որպէս զի ուրախութեան ձայներ հնչեցնեն։ Ուստի Ղեւտացիները Յովէլին որդին Եմանը եւ անոր եղբայրներէն Բարաքիային որդին Ասափը ու անոնց եղբայրներէն Մերարիին որդիներէն Կիսիային որդին Եթանը կեցուցին։ Անոնց հետ երկրորդ դասէն, անոնց եղբայրները, դռնապանները, Զաքարիան, Բենը, Յազիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Ուննին, Եղիաբը, Բանիան, Մաասիան, Մատաթիան, Եղիփաղէն, Մակենիան, Աբդեդօմն ու Յէիէլը։ Արդ՝ երգողներէն Եման, Ասափն ու Եթան պղնձէ ծնծղաներ կը զարնէին։ Եւ Զաքարիան, Ազիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Ուննին, Եղիաբը, Մաասիան ու Բանիան տաւիղներով Ալամօթի եղանակին վրայ էին։ Մատաթիան, Եղիփաղէն, Մակենիան, Աբդեդօմը, Յէիէլն ու Ազազիան քնարներով Շէմինիթի եղանակով կ’առաջնորդէին։ Քոնոնիան Ղեւտացիներուն երգեցողութեան առաջնորդը՝ զանոնք երգելու կը վարժեցնէր, որովհետեւ հանճարեղ էր։ Բարաքիան ու Եղկանան տապանակին դռնապաններն էին։ Եւ Սաբանիա ու Յովսափատ եւ Նաթանայէլ ու Ամեսայի եւ Զաքարիա ու Բանիա ու Եղիազար քահանաները, Աստուծոյ տապանակին առջեւ փողեր կը հնչեցնէին եւ Աբդեդօմն ու Յէիան տապանակին դռնապաններն էին։ Այսպէս Դաւիթ եւ Իսրայէլի ծերերն ու հազարապետները Տէրոջը ուխտին տապանակը Աբդեդօմի տունէն ուրախութեամբ հանելու գացին։ Երբ Աստուած Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն օգնութիւն ըրաւ, եօթը զուարակ ու եօթը խոյ զոհ ըրին։ Դաւիթ բեհեզէ պատմուճան հագեր էր. նոյնպէս ալ տապանակը վերցնող բոլոր Ղեւտացիներն ու երգողներուն իշխանը Քոնոնիան։ Դաւիթին վրայ քթանէ եփուտ կար։ Բոլոր Իսրայէլ Տէրոջը ուխտին տապանակը ուրախութեան աղաղակով, շեփորի ձայնով, փողերով ու ծնծղաներով, տաւիղներ ու քնարներ զարնելով վեր կը հանէին։ Երբ Տէրոջը ուխտին տապանակը մինչեւ Դաւիթին քաղաքը եկաւ, Սաւուղին աղջիկը Մեղքող պատուհանէն նայեցաւ ու Դաւիթ թագաւորին կաքաւելն ու խաղալը տեսնելով՝ զանիկա իր սրտին մէջ անարգեց։ Աստուծոյ տապանակը տարին ու այն վրանին մէջ դրին, որ Դաւիթ անոր համար կանգնեցուցեր էր եւ Աստուծոյ առջեւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։ Դաւիթ երբ ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերը մատուցանելը լմնցուց, Տէրոջը անունով ժողովուրդը օրհնեց։ Ու Իսրայէլի բոլոր մարդոց՝ այր մարդէն մինչեւ կին մարդ՝ ամէն մէկուն մէկ նկանակ հաց, կտոր մը միս ու կարկանդակ մը բաժնեց։ Եւ Տէրոջը տապանակին առջեւ Ղեւտացիներէն պաշտօնեաներ դրաւ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը յիշելու, օրհնելու ու փառաւորելու համար. Գլխաւորը Ասափն էր ու անոր երկրորդը Զաքարիան։ Յէիէլը, Սեմիրամովթը, Յեքիէլը, Մատաթիան, Եղիաբը, Բանիան, Աբդեդօմն ու Յէիէլը տաւիղներ ու քնարներ կը զարնէին. բայց Ասափը ծնծղաներ կը զարնէր։ Եւ Բանիա ու Յազիէլ քահանաները Աստուծոյ ուխտի տապանակին առջեւ փողեր կը հնչեցնէին։ Նոյն օրը Դաւիթ առաջին անգամ հետեւեալ սաղմոսը տուաւ Ասափին ու անոր եղբայրներուն ձեռքը, որպէս զի Տէրոջը գոհութիւն տան։ Գոհացէք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք, Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։ Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր, Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։ Անոր սուրբ անունովը պարծենցէ՛ք։ Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։ Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք, Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՛ք։ Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները, Անոր նշաններն ու բերնին դատաստանները. Ո՛վ անոր ծառային Իսրայէլին սերունդ, Ո՛վ Յակոբին որդիներ, ընտրեալներ. Եհովան ինքն է մեր Աստուածը։ Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են։ Անոր ուխտը յաւիտեան յիշեցէ՛ք, Անոր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար ազգ. Այն Ուխտը որ Աբրահամին ըրաւ Ու իր երդումը որ Իսահակին ըրաւ. Յակոբին ալ հաստատեց զանիկա՝ օրէնք մը ըլլալու Ու Իսրայէլին՝ իբրեւ յաւիտենական ուխտ մը, Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը, Ձեր ժառանգութեան վիճակը»։ Երբ դուք սակաւաթիւ էիք Եւ քիչուոր ու պանդուխտ՝ անոր մէջ, Անոնք մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին Ու մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի։ Անիկա մէկո՛ւն չարտօնեց որ զանոնք նեղէ. Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար, Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք, Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։ Երգեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր, Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։ Անոր փառքը ազգերու մէջ պատմեցէ՛ք Ու անոր հրաշքները՝ ամէն ժողովուրդներու մէջ։ Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի, Անիկա ամէն աստուածներու վրայ ահաւոր է։ Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են, Բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց։ Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ, Զօրութիւն եւ ուրախութիւն՝ անոր բնակութեանը մէջ. Տէրոջը տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր, Տէրոջը տուէ՛ք փառք ու զօրութիւն։ Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը։ Ընծայ առէ՛ք ու անոր առջեւ եկէ՛ք։ Սուրբ հանդէսով Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք։ Ո՛վ բոլոր երկիր, անոր երեսէն վախցէ՛ք. Աշխարհս ալ պիտի հաստատուի Ու պիտի չսասանի։ Երկինք թող ուրախանայ ու երկիր ցնծայ։ Ազգերուն մէջ թող ըսեն՝ «Տէրը կը թագաւորէ»։ Ծովը իր լիութեամբ թող գոռայ, Դաշտն ու բոլոր անոր մէջ եղողները թող ուրախանան։ Այն ատեն անտառին ծառերը Տէրոջը առջեւ թող ցնծան, Քանզի երկրին դատաստան ընելու կու գայ։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Նաեւ ըսէ՛ք. «Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը, մեզ փրկէ՛ Ու մեզ հաւաքէ՛ եւ մեզ ազգերէն ազատէ՛, Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։ Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը, Յաւիտեանս յաւիտենից»։ Ու բոլոր ժողովուրդը «Ամէն» ըսելով՝ Տէրը օրհնեցին։ Հոն Տէրոջը ուխտի տապանակին առջեւ Ասափն ու անոր եղբայրները թողուց, որպէս զի շարունակ ամէն օրուան պաշտօնը կատարեն տապանակին առջեւ։ Աբդեդօմն ու անոր վաթսունըութը եղբայրները եւ Իդիթունի որդին Աբդեդօմը եւ Ուսան դռնապաններ դրաւ ։ Սադովկ քահանան ու անոր քահանայ եղբայրները Գաբաւոնին բարձր տեղին վրայ Տէրոջը խորանին առջեւ թողուց, Որպէս զի միշտ՝ առտու ու իրիկուն՝ ողջակէզի սեղանին վրայ Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանեն ու Տէրոջը Իսրայէլին պատուիրած օրէնքին մէջ ամէն գրուածը գործադրեն ։ Անոնց հետ դրաւ Եմանն ու Իդիթունը եւ միւս ընտրուածները, որոնք անունով յիշուեցան, որպէս զի Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեն, քանզի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Անոնց, այսինքն Եմանին ու Իդիթունին հետ եղող նուագածուներուն փողեր ու ծնծղաներ տուաւ, նաեւ Աստուծոյ երգերուն նուագարանները ու Իդիթունին որդիները դրանը պահպանութիւն կ’ընէին ։ Երբ բոլոր ժողովուրդը գնաց՝ ամէն մէկը իր տունը, Դաւիթ ալ իր տունը օրհնելու դարձաւ։ Երբ Դաւիթ իր տանը մէջ բնակեցաւ, Նաթան մարգարէն ըսաւ. «Ահա ես եղեւնափայտէ շինուած տան մէջ կը բնակիմ, բայց Տէրոջը ուխտին տապանակը վրանի տակ է»։ Նաթան Դաւիթին ըսաւ. «Բոլոր սրտիդ մէջ եղածը ըրէ, քանզի Աստուած քեզի հետ է»։ Բայց գիշերը Աստուծոյ խօսքը Նաթանին եղաւ՝ ըսելով. «Գնա՛ իմ ծառայիս Դաւիթին ըսէ. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Իմ բնակելու տունս դուն պիտի չշինես. Քանզի Իսրայէլը Եգիպտոսէն հանած օրէս մինչեւ այսօր տան մէջ չբնակեցայ, հապա վրանէ վրան ու խորանէ խորան պտըտեցայ։ Բոլոր Իսրայէլին հետ որչափ տեղ որ պտըտեցայ, միթէ բան մը խօսեցա՞յ Իսրայէլին դատաւորներէն մէկուն հետ, որոնց իմ ժողովուրդս հովուելու հրաման տուեր էի ու ըսի՞ թէ՝ ‘Ինչո՞ւ համար ինծի եղեւնափայտէ տուն մը չէք շինէր’։ Եւ հիմա, իմ ծառայիս Դաւիթին այսպէս ըսէ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզ փարախէն, ոչխարներուն ետեւէն առի, որպէս զի իմ Իսրայէլ ժողովորդիս առաջնորդ ըլլաս Եւ ուր որ կ’երթայիր՝ քեզ հետ էի եւ քու առջեւէդ բոլոր թշնամիներդ կոտորեցի ու քու անունդ երկրի վրայ եղող մեծերուն անուանը պէս ըրի։ Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ալ տեղ մը պիտի որոշեմ ու զանիկա պիտի տնկեմ ու իր տեղը պիտի բնակի եւ ա՛լ պիտի չշարժի եւ անիրաւութեան որդիները առաջուան պէս անգամ մըն ալ պիտի չնեղեն զանիկա։ Ինչպէս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ դատաւորներ դրած օրէս ի վեր եղաւ ու քու ամէն թշնամիներդ պիտի նուաճեմ ու քեզի կ’իմացնեմ թէ Տէրը քեզի տուն պիտի շինէ։ Ու երբ քու օրերդ լեցուին եւ քու հայրերուդ խառնուիս, քեզմէ ետքը քու սերունդդ, քու որդիներէդ մէկը, պիտի բարձրացնեմ ու անոր թագաւորութիւնը պիտի հաստատեմ։ Անիկա ինծի տուն պիտի շինէ ու անոր աթոռը յաւիտեան պիտի հաստատեմ. Ես անոր հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ ու իմ ողորմութիւնս անկէ պիտի չվերցնեմ, ինչպէս քեզմէ առաջ եղողէն վերցուցի։ Զանիկա յաւիտեան իմ տանս մէջ ու իմ թագաւորութեանս մէջ պիտի հաստատեմ ու անոր աթոռը յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ’»։ Նաթան այս բոլոր խօսքերն ու այս բոլոր տեսիլքը Դաւիթին յայտնեց։ Դաւիթ թագաւորը գնաց՝ Տէրոջը առջեւ նստաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած, ես ո՞վ եմ ու իմ տունս ի՞նչ է, որ զիս մինչեւ հոս բերիր։ Սակայն ասիկա քու աչքերուդ պզտիկ երեւցաւ, ո՛վ Աստուած ու քու ծառայիդ տանը վրայով հեռաւոր ժամանակի համար խօսեցար ու ինծի, ո՛վ Տէր, Աստուած, բարձր աստիճանի մարդու պէս նայեցար Ծառայիդ տրուած փառքին համար՝ Դաւիթ աւելի ի՞նչ կրնայ խօսիլ։ Դուն քու ծառադ կը ճանչնաս։ Ո՛վ Տէր, քու ծառայիդ սիրոյն համար ու քու սրտիդ ուզածին պէս այս բոլոր մեծ բաները ըրիր, որպէս զի այս բոլոր մեծ բաները գիտցնես։ Ո՛վ Տէր, քեզի պէս ուրիշ մէկը չկայ ու քեզմէ զատ Աստուած չկայ՝ մեր ականջներով բոլոր լսածներնուս համեմատ։ Երկրի վրայ ո՞ր ազգը քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս է, որուն համար նոյն ինքն Աստուած եկաւ զանիկա փրկելու, իրեն ժողովուրդ ընելու, որ Եգիպտոսէն ազատած ժողովուրդիդ առջեւէն ազգեր վռնտելով՝ քեզի մեծ ու երեւելի անուն ստացար։ Եւ քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլը՝ յաւիտեան քեզի ժողովուրդ ըրիր ու դուն, ո՛վ Տէր, անոնց Աստուած եղար։ Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, քու ծառայիդ ու անոր տանը համար ըսած խօսքդ թող յաւիտեան հաստատուի ու ըսածիդ պէս ըրէ. Թող հաստատուի ու քու անունդ յաւիտեան մեծ ճանչցուի ու ըսեն թէ՝ ‘Զօրութիւններու Տէրը Իսրայէլի Աստուածն է, Աստուած Իսրայէլի’ ու քու ծառայիդ Դաւիթին տունը քու առջեւդ հաստատ մնայ ։ Քանզի դուն, ո՛վ Աստուած իմ, քու ծառայիդ յայտնեցիր, որ անոր տուն պիտի շինես, անոր համար քու ծառադ իր սրտին մէջ համարձակութիւն գտաւ քու առջեւդ այս աղօթքը ընելու։ Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, այն Աստուածը դուն ես ու քու ծառայիդ այս աղէկութիւնը խոստացար։ Եւ հիմա կամք ըրէ՝ ՝ քու ծառայիդ տունը օրհնելու, որպէս զի յաւիտեան քու առջեւդ ըլլայ. քանզի դուն օրհնեցիր, ո՛վ Տէր ու յաւիտեան օրհնեալ է»։ Անկէ յետոյ Դաւիթ Փղշտացիները զարկաւ ու զանոնք նուաճեց եւ Գէթն ու անոր գիւղերը Փղշտացիներուն ձեռքէն առաւ։ Յետոյ Մովաբը զարկաւ ու Մովաբացիները Դաւիթին հարկատու ծառաներ եղան։ Եւ Դաւիթ Սուբայի Ադրազար թագաւորը Եմաթի կողմերը զարկաւ, երբ Եփրատ գետին վրայ իր իշխանութիւնը հաստատելու կ’երթար։ Եւ Դաւիթ անկէ հազար կառք ու եօթը հազար ձիաւոր ու քսան հազար հետեւակ զօրք բռնեց եւ Դաւիթ բոլոր կառքի ձիերուն ջիղերը կտրեց ու անոնցմէ միայն հարիւր ձի իրեն համար պահեց՝ ՝։ Եւ Դամասկոսի Ասորիները Սուբայի թագաւորին Ադրազարին օգնութիւն ընելու եկան ու Դաւիթ Ասորիներէն քսանըերկու հազար մարդ զարկաւ։ Եւ Դաւիթ Դամասկոսի Ասորիներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու Ասորիները Դաւիթին հարկատու ծառայ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար՝ Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։ Դաւիթ Ադրազարին ծառաներուն վրայ եղող ոսկիէ վահանները առաւ ու զանոնք Երուսաղէմ բերաւ։ Եւ Ադրազարի Տեբաթ ու Քուն քաղաքներէն Դաւիթ խիստ շատ պղինձ առաւ. Սողոմոն անկէ շինեց պղնձէ ծովը ու սիւներն ու պղնձէ գործիքները։ Ու Եմաթի թագաւորը Թովուն, երբ լսեց թէ Դաւիթ Սուբայի Ադրազար թագաւորին բոլոր զօրքերը ջարդեր է, Իր որդին Ադորամը Դաւիթ թագաւորին ղրկեց, որպէս զի անոր բարեւ ընէ ու զանիկա օրհնէ, Ադրազարի դէմ պատերազմելուն ու զանիկա զարնելուն համար. (քանզի Ադրազար Թովուին հետ պատերազմներ կ’ընէր) ու անոր ամէն տեսակ ոսկիէ, արծաթէ, պղնձէ անօթներ ղրկեց ։ Դաւիթ թագաւորը զանոնք ալ Տէրոջը նուիրեց՝ այն արծաթով ու ոսկիով մէկտեղ, որ բոլոր ազգերէն, Եդովմէն, Մովաբէն, Ամմոնի որդիներէն, Փղշտացիներէն ու Ամաղէկէն առեր էր։ Եւ Շարուհեային որդին Աբեսսան Աղի ձորին մէջ տասնըութը հազար Եդովմայեցի զարկաւ։ Եդովմի մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ ու բոլոր Եդովմայեցիները Դաւիթին ծառայ եղան։ Դաւիթ ուր որ կ’երթար, Տէրը անոր յաջողութիւն կու տար։ Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ ու իր բոլոր ժողովուրդին իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընէր։ Եւ Շարուհեային որդին Յովաբը զօրքերուն վրայ էր ու Աքիղուդին որդին Յովսափատը յիշատակներու դպիր էր Եւ Աքիտովբին որդին Սադովկն ու Աբիաթարին որդին Աբիմելէքը քահանայ էին եւ Սուսան ատենադպիր էր Ու Յովիադային որդին Բանիան Քերեթիներուն ու Փելեթիներուն վրայ էր եւ Դաւիթին որդիները թագաւորին քով նախարարներ էին։ Եւ անկէ յետոյ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը՝ Նաաս՝ մեռաւ ու անոր տեղ անոր որդին թագաւոր եղաւ։ Եւ Դաւիթ ըսաւ. «Նաասին որդիին Անոնին մարդասիրութիւն ընեմ, քանզի անոր հայրը ինծի մարդասիրութիւն ըրաւ»։ Դաւիթ դեսպաններ ղրկեց, որպէս զի զանիկա իր հօրը համար մխիթարեն։ Դաւիթին ծառաները Ամմոնին որդիներուն երկիրը գացին՝ Անոնը մխիթարելու համար։ Բայց Ամմոնին որդիներուն իշխանները Անոնին ըսին. «Կը խորհիս թէ Դաւիթ քու հայրդ քու առջեւդ պատուելո՞ւ համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց։ Միթէ իր ծառաները այս երկիրը քննելու, տակնուվրայ ընելու եւ լրտեսելու համար չեկա՞ն քեզի»։ Անոն Դաւիթին ծառաները բռնեց ու զանոնք ածլեց եւ անոնց հանդերձներուն կէսը՝ մինչեւ նստելու տեղը՝ կտրել տուաւ եւ այդպէս ղրկեց զանոնք։ Ծառաները գացին ու Դաւիթին պատմեցին այն մարդոց գլխուն եկածը ։ Ան ալ զանոնք դիմաւորելու համար մարդ ղրկեց, քանզի այն մարդիկը շատ անարգուեր էին։ Թագաւորը ըսաւ. «Երիքովի մէջ նստեցէք, մինչեւ որ մորուքնիդ աճի ու ետքը եկէ՛ք»։ Եւ Ամմոնին որդիները տեսնելով, որ Դաւիթին հետ աւրուեցան, Անոնն ու Ամմոնին որդիները հազար տաղանդ արծաթ ղրկեցին, որպէս զի Միջագետքի Ասորիներէն ու Մաաքայի Ասորիներէն ու Սուբայէն կառքեր ու ձիաւորներ վարձեն։ Անոնք վարձեցին երեսունըերկու հազար կառք ու Մաաքայի թագաւորը եւ անոր զօրքը, որոնք գացին Մեդաբայի առջեւ բանակեցան. Ամմոնին որդիներն ալ իրենց քաղաքներէն հաւաքուեցան ու պատերազմելու գացին։ Երբ Դաւիթ աս լսեց, Յովաբն ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց։ Եւ Ամմոնին որդիները ելան ու քաղաքին դրանը առջեւ կարգաւ պատերազմի շարուեցան ու օգնութեան եկող թագաւորները դաշտին մէջ առանձին կեցեր էին։ Յովաբը երբ տեսաւ որ պատերազմը առջեւէն ու ետեւէն իր վրայ կը հասնի, Իսրայէլի բոլոր ընտիր մարդիկը զատեց ու Ասորիներուն դէմ պատերազմի շարեց Եւ մնացած զօրքը իր եղբօրը Աբեսսային յանձնեց։ Անոնք Ամմոնին որդիներուն առջեւ շարուեցան. Յովաբ ըսաւ. «Եթէ Ասորիները ինծի յաղթեն, ինծի օգնութեան հասիր ու եթէ Ամմոնին որդիները քեզի յաղթեն, ես քեզի օգնութեան կը հասնիմ։ Քաջասիրտ եղի՛ր ու մեր ժողովուրդին համար եւ մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժով պատերազմինք։ Եւ Տէրը իր աչքին հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։ Ու Յովաբ իրեն հետ եղող զօրքով Ասորիներուն մօտեցաւ, որպէս զի անոնց դէմ պատերազմի, բայց անոնք անոր առջեւէն փախան։ Եւ Ամմոնին որդիները՝ Ասորիներուն փախչիլը տեսնելով՝ իրենք ալ անոր եղբօրը Աբեսսային առջեւէն փախան ու քաղաքը մտան։ Այն ատեն Յովաբ Երուսաղէմ եկաւ։ Երբ Ասորիները տեսան թէ իրենք Իսրայէլի առջեւ կոտորուեցան, դեսպաններ ղրկեցին ու Գետին անդիի կողմը եղող Ասորիները ոտքի հանեցին։ Անոնց առջեւէն Ադրազարին զօրագլուխը՝ Սովբակը կ’երթար ։ Ու երբ Դաւիթին պատմեցին, անիկա բոլոր Իսրայէլը հաւաքելով՝ Յորդանանէն անցաւ ու անոնց վրայ գնաց եւ անոնց դէմ գունդեր շարեց։ Երբ Դաւիթ Ասորիները պատերազմով դիմաւորելու համար գունդեր շարեց, անոնք անոր հետ պատերազմ ըրին։ Ասորիները Իսրայէլի առջեւէն փախան։ Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հազար կառքի զօրք ու քառասուն հազար հետեւակ զօրք կոտորեց ու Սովբակ զօրագլուխն ալ մեռցուց։ Եւ Ադրազարին ծառաները, երբ տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ յաղթուեցան, Դաւիթին հետ հաշտուեցան ու անոր ծառայ եղան եւ Ասորիները անկէ յետոյ ա՛լ Ամմոնին որդիներուն օգնել չուզեցին։ Հետեւեալ տարին, թագաւորներուն պատերազմի ելլելու ատենը, Յովաբ զօրքերուն բոլոր գունդերը հանեց եւ Ամմոնին որդիներուն երկիրը աւերեց ու գնաց Ռաբբան պաշարեց, բայց Դաւիթ Երուսաղէմ կը նստէր ու Յովաբ Ռաբբան զարկաւ ու զանիկա կործանեց։ Դաւիթ անոնց թագաւորին թագը անոր գլխուն վրայէն առաւ ու գտաւ որ տաղանդ մը ոսկիի ծանրութիւն ունէր եւ անոր վրայ պատուական քարեր կային ու թագը Դաւիթին գլուխը դրուեցաւ։ Դաւիթ քաղաքէն խիստ շատ աւար առաւ։ Ու Անոր մէջ եղած ժողովուրդը հանեց ու զանոնք սղոցներով, երկաթէ կամնասայլերով ու տապարներով կոտորեց եւ Դաւիթ Ամմոնին որդիներուն բոլոր քաղաքներուն այսպէս ըրաւ։ Ապա Դաւիթ բոլոր ժողովուրդով Երուսաղէմ դարձաւ։ Եւ ասկէ յետոյ Գազերի մէջ Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ։ Այն ատեն Ովսացի Սովբաքը Ռափային որդիներէն եղող Սեփիան մեռցուց ու անոնք նուաճուեցան։ Եւ նորէն Փղշտացիներուն հետ պատերազմ եղաւ ու Յայիրին որդին Ելէանան Գեթացի Գողիաթին եղբայրը Ղէեմը զարկաւ, որուն նիզակին բունը ոստայնանկներու գլանին պէս էր։ Եւ նորէն Գէթի մէջ պատերազմ եղաւ։ Երկայնահասակ մարդ մը կար, որուն մատները վեց վեց ըլլալով՝ քսանըչորս մատ ունէր. անիկա ալ Ռափային որդիներէն էր։ Անիկա Իսրայէլը նախատեց. բայց Դաւիթին եղբօրը Սամաային որդին Յովնաթանը զանիկա զարկաւ։ Ասոնք Գէթի մէջ Ռափայէն ծներ էին եւ Դաւիթին ձեռքով ու անոր ծառաներուն ձեռքով ինկան։ Սատանան Իսրայէլին դէմ ելաւ ու Դաւիթը դրդեց, որ Իսրայէլը համրէ։ Դաւիթ Յովաբին ու ժողովուրդին իշխաններուն ըսաւ. «Գացէ՛ք, Իսրայէլը համրեցէ՛ք Բերսաբէէն մինչեւ Դան, ու հաշիւը ինծի բերէ՛ք, որպէս զի գիտնամ»։ Եւ Յովաբ ըսաւ. «Տէրը իր ժողովուրդը հարիւրապատիկ աւելցնէ։ Ով տէր իմ թագաւոր, միթէ անոնց ամէնքը իմ տիրոջս ծառաները չե՞ն. իմ տէրս ինչո՞ւ ասով կը հետաքրքրուի. ինչո՞ւ համար այս բանը Իսրայէլի յանցանքի պատճառ ըլլայ»։ Բայց երբ թագաւորը իր խօսքը պնդեց, Յովաբ ելաւ ու բոլոր Իսրայէլի մէջ պտըտեցաւ ու Երուսաղէմ դարձաւ։ Յովաբ ժողովուրդին համրանքին ցուցակը Դաւիթին ներկայացուց։ Բոլոր Իսրայէլի մէջ մէկ միլիոն հարիւր հազար սուր քաշող մարդ կար եւ Յուդա չորս հարիւր եօթանասուն հազար սուր քաշող մարդ ունէր։ Սակայն Ղեւտացիներն ու Բենիամինեանները անոնց մէջ չհամրուեցան, քանզի թագաւորին այս հրամանը Յովաբին հաճելի չէր։ Այս բանը Աստուծոյ առջեւ ալ գէշ երեւնալուն համար Աստուած Իսրայէլը զարկաւ։ Այն ատեն Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ. «Այս բանը ընելով մեծ մեղք գործեցի, ուստի կ’աղաչեմ, քու ծառայիդ ներէ՛, քանզի մեծ յիմարութիւն ըրի»։ Եւ Տէրը Դաւիթին տեսանողին Գադին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Գնա՛ ու Դաւիթին խօսէ ըսելով՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես քեզի երեք պատիժ կ’առաջարկեմ. անոնցմէ մէկը ընտրէ, որպէս զի քեզի ընեմ’»։ Եւ Գադ Դաւիթին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ընտրէ քեզի՝ կա՛մ երեք տարուան սով, կա՛մ երեք ամիս քու թշնամիներուդ երեսէն փախուստ ու քու թշնամիներուդ սուրը քեզի հասնի եւ կա՛մ երեք օր Տէրոջը սուրը, այսինքն ժանտախտ ըլլայ երկրիս մէջ ու Տէրոջը հրեշտակը Իսրայէլի բոլոր սահմաններուն մէջ կոտորած ընէ՛։ Հիմա ըսէ, զիս ղրկողին ի՞նչ պատասխան տանիմ»։ Ու Դաւիթ ըսաւ Գադին. «Խիստ մեծ նեղութեան մէջ եմ. հիմա Տէրոջը ձեռքը իյնամ, քանզի անոր գթութիւնը խիստ շատ է ու մարդու ձեռք չիյնամ»։ Եւ Տէրը Իսրայէլի վրայ ժանտախտ ղրկեց ու Իսրայէլէն եօթանասուն հազար մարդ ինկաւ։ Աստուած հրեշտակ մը ղրկեց Երուսաղէմ, որպէս զի զանիկա կորսնցնէ ու երբ կը կորսնցնէր, Տէրը նայեցաւ ու այս չարիքին վրայ սիրտը իջաւ եւ կոտորած ընող հրեշտակին ըսաւ. «Հերի՛ք է, ալ ձեռքդ քաշէ՛»։ Տէրոջը հրեշտակը Յեբուսացի Ոռնային կալին քով կեցեր էր։ Դաւիթ իր աչքերը վերցուց ու Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, որ երկրի ու երկնքի մէջտեղ կեցեր էր ու ձեռքը մերկ սուր մը կար, որ Երուսաղէմի վրայ երկնցուցեր էր։ Այն ատեն Դաւիթ ու ծերերը քուրձեր հագած երեսնուն վրայ ինկան։ Դաւիթ Աստուծոյ ըսաւ. «Ահա ե՛ս պատուիրեցի, որ ժողովուրդը համրեն ու ե՛ս եմ, որ մեղանչեցի ու մեծ չարութիւն ըրի. բայց այս ոչխարները ի՞նչ ըրին։ Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, քու ձեռքդ իմ վրաս ու իմ հօրս տանը վրայ թող ըլլայ. բայց քու ժողովուրդիդ վրայ թող չըլլայ, զանիկա բնաջնջելու համար»։ Տէրոջը հրեշտակը Գադին ըսաւ. «Դաւիթին ըսէ՛, որ ելլէ ու Յեբուսացի Ոռնային կալին մէջ Տէրոջը սեղան մը կանգնեցնէ»։ Եւ Դաւիթ վեր ելաւ Տէրոջը անունով ըսուած խօսքին համեմատ։ Ու Ոռնան դարձաւ ու հրեշտակը տեսաւ եւ իր չորս որդիները իրեն հետ պահուեցան. (քանզի Ոռնա ցորեն կը ծեծէր) Ու Դաւիթ Ոռնային եկաւ։ Ոռնան նայեցաւ ու Դաւիթը տեսնելով՝ կալէն ելաւ ու երեսը մինչեւ գետինը Դաւիթին խոնարհութիւն ըրաւ։ Այն ատեն Դաւիթ Ոռնային ըսաւ. «Այս կալին տեղը ինծի տուր, որպէս զի հոն սեղան մը շինեմ, (զանիկա լման գնով տուր ինձ) որպէս զի ժողովուրդին վրայէն հարուածը վերնայ»։ Ոռնա Դաւիթին ըսաւ. «Զանիկա քեզի ա՛ռ ու իմ թագաւոր տէրս իր աչքին աղէկ երեւցածը թող ընէ. ահա եզները՝ ողջակէզի համար ու կամնասայլերը՝ փայտի համար ու ցորենը՝ հացի ընծայի համար կու տամ, ամէնքն ալ կու տամ»։ Բայց Դաւիթ թագաւորը Ոռնային ըսաւ. «Ո՛չ, հապա զանոնք անշուշտ լման գնով ծախու պիտի առնեմ. քանզի քուկդ եղածը Տէրոջը համար պիտի չառնեմ, ո՛չ ալ ձրի առածս ողջակէզ պիտի մատուցանեմ»։ Ու Դաւիթ այն տեղին համար կշիռքով վեց հարիւր սիկղ ոսկի տուաւ Ոռնային։ Դաւիթ հոն Տէրոջը համար սեղան մը շինեց ու անոր վրայ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեց եւ Տէրոջը աղաղակեց եւ Տէրը երկնքէն կրակով ողջակէզի սեղանին վրայ անոր պատասխան տուաւ։ Եւ Տէրը հրեշտակին հրամայեց ու ա՛ն սուրը իր պատեանը դրաւ։ Այն ատեն Դաւիթ տեսնելով որ Տէրը Յեբուսացի Ոռնային կալին մէջ իրեն պատասխան տուաւ, հոն զոհեր մատուցանեց։ Իսկ անապատին մէջ Մովսէսին շինած Տէրոջը խորանն ու ողջակէզի սեղանը Գաբաւոնին բարձր տեղն էր Եւ Դաւիթ Աստուծոյ հարցնելու համար չկրցաւ անոր առջեւ երթալ, քանզի Տէրոջը հրեշտակին սուրէն վախցաւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Ասիկա է Տէր Աստուծոյ տունը ու ասիկա է Իսրայէլի ողջակէզին սեղանը»։ Եւ Դաւիթ հրամայեց, որ Իսրայէլի երկրին մէջ գտնուող օտարազգիները հաւաքեն ու Աստուծոյ տունը շինելու համար քարահատներ դրաւ, որպէս զի տաշուած քարեր պատրաստեն։ Դաւիթ դրան փեղկերուն բեւեռներուն համար ու շրջանակներուն համար խիստ շատ երկաթ պատրաստեց եւ այնչափ շատ պղինձ, որ կշռել կարելի չէր Ու պատրաստած եղեւնափայտը համրել կարելի չէր, քանզի Սիդոնացիները եւ Տիւրացիները Դաւիթին շատ եղեւնափայտեր կը բերէին։ Եւ Դաւիթ ըսաւ. «Իմ որդիս Սողոմոն փափուկ տղայ մըն է ու Տէրոջը շինուելու տունը մեծ, բարձր ու ամէն երկիրներու մէջ անուանի ու փառաւոր պէտք է ըլլայ, ուստի պէտք է անոր համար պատրաստութիւն տեսնեմ»։ Դաւիթ իր մեռնելէն առաջ խիստ շատ պատրաստութիւն տեսաւ։ Ետքը իր որդին Սողոմոնը կանչեց ու անոր պատուիրեց, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ տուն շինէ։ Ու Դաւիթ Սողոմոնին ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, ես սրտանց փափաքեցայ, որ իմ Տէր Աստուծոյս անուանը տուն շինեմ. Բայց Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. ‘Դուն շատ արիւն թափեցիր ու մեծ պատերազմներ ըրիր. դուն ինծի տուն պիտի չշինես, քանզի իմ առջեւս գետնի վրայ շատ արիւն թափեցիր. Ահա քեզի որդի մը պիտի ծնանի, անիկա հանգստութեան մարդ պիտի ըլլայ եւ զանիկա իր ամէն շրջակայ թշնամիներէն պիտի հանգչեցնեմ. քանզի անոր անունը Սողոմոն պիտի ըլլայ ու անոր օրերուն մէջ Իսրայէլի խաղաղութիւն ու հանդարտութիւն պիտի տամ։ Անիկա ինծի տուն պիտի շինէ ու անիկա ինծի որդի պիտի ըլլայ ու ես անոր հայր պիտի ըլլամ եւ անոր թագաւորութեան աթոռը Իսրայէլի մէջ յաւիտեան պիտի հաստատեմ’։ Ուրեմն, որդեա՛կ իմ, Տէրը քեզի հետ ըլլայ ու յաջողութիւն գտնես եւ քու Տէր Աստուծոյդ տուն շինես, ինչպէս քեզի համար խօսեցաւ։ Միայն թէ Տէրը քեզի իմաստութիւն ու հանճար տայ եւ քեզ Իսրայէլի վրայ հաստատէ, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ օրէնքը պահես։ Այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես, երբ զգուշութեամբ գործադրես այն կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք Տէրը Մովսէսին պատուիրեց Իսրայէլի համար։ Զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր։ Եւ ահա ես իմ նեղութիւններուս մէջ՝ ՝ Տէրոջը տանը համար՝ հարիւր հազար տաղանդ ոսկի ու միլիոն տաղանդ արծաթ պատրաստեցի. իսկ պղինձն ու երկաթը այնքան շատ են, որ կշռել կարելի չէ. փայտեր ու քարեր ալ պատրաստեցի։ Անոնց վրայ դուն ալ աւելցուր։ Եւ դուն քու քովդ խիստ շատ արհեստաւորներ՝ քարահատներ, որմնադիրներ, հիւսներ ու ամէն գործի համար ամէն տեսակ վարպետներ ունիս։ Ոսկիին, արծաթին, պղինձին ու երկաթին հաշիւը չկայ. ելի՛ր ու այս գործին ձեռք զարկ՝ ՝ ու Տէրը քեզի հետ ըլլայ»։ Եւ Դաւիթ Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն պատուիրեց, որ իր որդիին Սողոմոնին ձեռնտու ըլլան Ու ըսաւ. «Ահա ձեր Տէր Աստուածը ձեզի հետ է։ Անիկա ձեզ ամէն կողմէ հանգստացուց. որովհետեւ այս երկրին բնակիչները իմ ձեռքս տուաւ ու երկիրը Տէրոջը առջեւ ու անոր ժողովուրդին առջեւ նուաճուեցաւ։ Եւ հիմա ձեր սիրտը ու ձեր հոգին ձեր Տէր Աստուածը թող խնդրեն ու ելէ՛ք Տէր Աստուծոյ սրբարանը շինեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը ու Աստուծոյ սուրբ անօթները Տէրոջը անուանը համար շինուած տունը տանիք»։ Եւ Դաւիթ ծերացած ու օրերը լեցուած ըլլալով, իր որդին Սողոմոնը Իսրայէլի վրայ թագաւոր կարգեց։ Եւ Իսրայէլի բոլոր իշխանները նաեւ քահանաները ու Ղեւտացիները հաւաքուեցան։ Ղեւտացիներէն երեսուն տարեկանէն վեր եղող այր մարդիկը, մէկիկ մէկիկ համրուեցան։ Ու թիւը երեսունըութը հազար եղաւ։ Դաւիթ ըսաւ. «Ասոնցմէ քսանըչորս հազարը՝ Տէրոջը տանը գործին վրայ ու վեց հազարը ոստիկաններ ու դատաւորներ թող ըլլան։ Չորս հազարը դռնապաններ ու չորս հազարը օրհնելու համար շինած նուագարաններովս Տէրը թող օրհնեն»։ Դաւիթ զանոնք բաժնեց՝ Ղեւիի որդիներուն՝ Գերսոնին, Կահաթին ու Մերարիին դասակարգութիւնները որոշելով ։ Գերսոնեաններէն Ղադանն ու Սեմէին էին. Ղադանին որդիները՝ առաջինը Յեքիէլ, ետքը Զեթամ ու Յովէլ՝ երեք էին։ Սեմէիին որդիները՝ Սաղօմօթ, Ազիէլ ու Արան՝ երեք էին։ Ասոնք Ղադանին տոհմերուն իշխաններն էին։ Սեմէիին որդիները՝ Յեթ, Զիզա, Յեուս ու Բարիա էին։ Ասոնք՝ Սեմէիին որդիները՝ չորս հոգի էին։ Առաջինը Յեթ ու երկրորդը Զիզա էր. բայց Յեուս ու Բարիա շատ որդիներ չունենալնուն համար մէկ ազգատոհմ հաշուեցին։ Կահաթին որդիները՝ Ամրամ, Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ՝ չորս էին։ Ամրամին որդիները Ահարոն ու Մովսէս էին։ Ահարոն ինք ու իր որդիները յաւիտեան որոշուեցան՝ ամենասուրբ բաներուն նուիրումը կատարելու՝ Տէրոջը առջեւ խունկ ծխելու, անոր ծառայութիւն ընելու ու անոր անունը յաւիտեան օրհնելու համար։ Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին որդիները Ղեւիին ցեղին հետ համրուեցան։ Մովսէսին որդիները՝ Գերսամ ու Եղիազար էին։ Գերսամին որդիները՝ առաջինը Սուբայէլն էր Ու Եղիազարին որդիները՝ առաջինը Հռաբիան էր ու Եղիազար ուրիշ որդի չունէր. բայց Հռաբիային որդիները խիստ շատցան։ Իսահառի որդիները՝ առաջինը Սաղօմօթն էր։ Քեբրոնին որդիները՝ առաջինը Յերիան, երկրորդը՝ Ամարիան, երրորդը՝ Յազիէլը, չորրորդը՝ Յեկամամն էր։ Ոզիէլին որդիները՝ առաջինը Միքան, երկրորդը՝ Յեսիան էր։ Մերարիին որդիները Մոողին ու Մուսին էին. Մոողին որդիները՝ Եղիազարն ու Կիսն էին։ Եղիազար մեռաւ։ Անիկա որդի չունէր, հապա միայն աղջիկներ ունէր։ Անոնք իրենց եղբայրները՝ Կիսին որդիները, առին։ Մուսիին որդիները՝ Մոողի, Եդեր ու Յերիմովթ՝ երեք էին։ Ասոնք Ղեւիին որդիներն էին իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու անունով մէկիկ մէկիկ համրուած քսան տարեկանէն վեր՝ Տէրոջը տանը սպասաւորութիւն կատարողներուն պետերն էին։ Քանզի Դաւիթ ըսեր էր. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը իր ժողովուրդը հանգստացուց ու յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակի Ու Ղեւտացիներն ալ խորանն ու անոր պաշտօնին ամէն անօթները՝ այսուհետեւ ա՛լ պիտի չկրեն»։ Դաւիթին վերջին խօսքերուն համաձայն՝ Ղեւիին որդիներէն քսան տարեկանէն վեր եղողները համրուեցան, Որովհետեւ անոնց պաշտօնը՝ Տէրոջը տանը ծառայութեանը մէջ Ահարոնին որդիներուն օգնութիւն ընել, գաւիթներու ու սենեակներու վերակացու ըլլալ, բոլոր սուրբ բաները մաքրել ու Աստուծոյ տանը ծառայութիւնը կատարել էր, Նաեւ առաջաւորութեան հացին ու հացի ընծայի նաշիհին եւ անխմոր լաւաշներուն ու տապակին մէջ եփուած ու տապկուած բաներուն ու բոլոր չափերուն վերակացութիւնը ընել Եւ ամէն առտու ու իրիկուն Տէրը օրհնելու ու գովելու համար ոտքի վրայ կենալ Ու շաբաթ օրերը եւ ամսագլուխները ու մեծ տօներու մէջ Տէրոջը բոլոր ողջակէզները, իրենց թիւովը ու իրենց օրէնքովը, միշտ Տէրոջը առջեւ մատուցանել Ու Տէրոջը տանը ծառայութեանը համար վկայութեան խորանին պահպանութիւնը եւ սրբարանին պահպանութիւնը ու իրենց եղբայրներուն՝ Ահարոնին որդիներուն՝ պահպանութիւնը ընելն էր։ Ահարոնին որդիներուն դասակարգութիւնները ասոնք են. Ահարոնին որդիները՝ Նադաբը, Աբիուդը, Եղիազարն ու Իթամարն էին։ Նադաբ ու Աբիուդ իրենց հօրմէն առաջ մեռան։ Անոնք որդի չունէին։ Եղիազարը ու Իթամարը քահանայ եղան։ Դաւիթ ու Եղիազարի որդիներէն Սադովկը ու Իթամարի որդիներէն Աքիմելէքը զանոնք բաժնեցին անոնց համրանքովը անոնց պաշտօնին համար։ Եղիազարին որդիներուն մէջ գտնուած իշխանները Իթամարին որդիներուն մէջ գտնուածներէն շատ էին։ Զանոնք այսպէս բաժնեցին։ Եղիազարին որդիներուն համար տասնըվեց իշխան՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու Իթամարին որդիներուն համար ութը իշխան ՝ իրենց ազգատոհմերուն համեմատ։ Ասոնք ու անոնք ալ վիճակով բաժնուեցան, քանզի սրբարանին իշխաններն ու Աստուծոյ տանը իշխանները Եղիազարին որդիներէն ու Իթամարին որդիներէն էին։ Ղեւտացիներէն՝ Նաթանայէլին որդին Սեմայիա դպիրը, թագաւորին ու իշխաններուն եւ Սադովկ քահանային ու Աբիաթարին որդիին Աքիմելէքին եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն նահապետներուն առջեւ մէկ ազգատոհմ Եղիազարէն առնելով ու մէկ ազգատոհմ Իթամարէն առնելով՝ զանոնք գրեց։ Առաջին վիճակը Յովարիբին ելաւ, երկրորդը՝ Յեդայիային, Երրորդը՝ Հարիմին, չորրորդը՝ Սէուրինին, Հինգերորդը՝ Մեղքիային, վեցերորդը՝ Միամինին, Եօթներորդը՝ Ակկուսին, ութերորդը՝ Աբիային, Իններորդը՝ Յեսուին, տասներորդը՝ Սեքենիային, Տասնըմէկերորդը՝ Եղիասիբին, տասնըերկրորդը՝ Յակիմին, Տասնըերրորդը՝ Ոփփային, տասնըչորրորդը՝ Յեսբիաբին, Տասնըհինգերորդը՝ Բեղգային, տասնըվեցերորդը՝ Եմմերին, Տասնըեօթներորդը՝ Եզիրին, տասնըութերորդը՝ Ափեսեսին, Տասնըիններորդը՝ Փեթայիային, քսաներորդը՝ Եզեկիէլին, Քսանըմէկերորդը՝ Յաքինին, քսանըերկրորդը՝ Գամուլին, Քսանըերեքերորդը՝ Դաղայիային, քսանըչորրորդը՝ Մաաղիային։ Այս է անոնց կարգադրութիւնը իրենց պաշտամունքին համար ու Տէրոջը տունը մտնելու համար՝ իրենց հօրը Ահարոնին միջոցով իրենց տրուած օրէնքին համեմատ՝ ինչպէս Իսրայէլին Տէր Աստուածը անոր պատուիրեր էր։ Ղեւիին որդիներուն մնացորդները ասոնք էին. Ամրամին որդիներէն՝ Սուբայէլը, Սուբայէլին որդիներէն՝ Յադայիան, Հռաբիային, այսինքն Հռաբիային որդիներէն, առաջինը՝ Յեսիան, Իսահառին որդիներէն Սաղօմօթը, Սաղօմօթին որդիներէն Յէթը Ու Քեբրոնին որդիներէն առաջինը ՝ Յերիան, երկրորդը՝ Ամարիան, երրորդը՝ Յազիէլը, չորրորդը՝ Յեկակամը, Ոզիէլին որդիներէն՝ Միքան, Միքային որդիներէն՝ Սամիրը, Միքային եղբայրը՝ Յեսիան, Յեսիային որդիներէն՝ Զաքարիան, Մերարիին որդիները՝ Մոողին ու Մուսին էին. Յազիային որդին Բենովը, Մերարիին որդիները՝ Յազիայէ Բենովը, Սօհամը, Զաքուրն ու Եբրին էին։ Մոողիէն Եղիազարը ծնաւ ու անիկա որդի չունէր։ Կիսէն, այսինքն Կիսին որդիներէն՝ Յերամէլն էր։ Մուսիին որդիները՝ Մոողին, Եդերն ու Յերիմովթն էին։ Ղեւտացիներուն որդիները իրենց տոհմերուն համեմատ ասոնք էին։ Ասոնց համար ալ, իրենց եղբայրներուն Ահարոնին որդիներուն պէս, Դաւիթ թագաւորին ու Սադովկի ու Աքիմելէքի եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն տոհմապետներուն առջեւ վիճակ ձգեցին, թէ՛ տոհմապետներուն եւ թէ՛ անոնց պզտիկ եղբայրներուն համար։ Դաւիթին ու զօրքին իշխանները՝ Ասափին, Եմանին ու Իդիթունին որդիներէն՝ քնարներով, տաւիղներով ու ծնծղաներով մարգարէութիւն ընողները որոշեցին այս պաշտօնին համար ու իրենց պաշտօնին համեմատ՝ այս ծառայութիւնը ընող մարդոց համրանքը ասիկա էր։ Ասափին որդիներէն թագաւորին քով մարգարէութիւն ընող Ասափին ձեռքին տակ Ասափին որդիները՝ Զաքուրը, Յովսէփը, Նաթանիան եւ Ասարէլան էին։ Իդիթունէն Իդիթունի որդիները՝ Գոդողիան, Եզրին, Եսային, Սեմէին, Ասաբիան ու Մատաթիա, վեց հոգի էին։ Ասոնք իրենց հօրը՝ Իդիթունին ձեռքին տակն էին, որ քնարով Տէրոջը գոհութիւն ու օրհնութիւն երգելով մարգարէութիւն կ’ընէր։ Եմանէն Եմանին որդիները՝ Բոկքիան, Մաթանիան, Ոզիէլը, Սուբայէլը, Յերիմովթը, Անանիան, Անանին, Եղիաթան, Գեթողաթին, Ռօմամթիեզերը, Յեսբակասան, Մեղեթին, Յօդիրն ու Մազիովթն էին։ Ասոնք Եմանին որդիներն էին, որ թագաւորին տեսանողն էր՝ Աստուծոյ խօսքերուն մէջ եղջիւրը վերցնելու։ Աստուած Եմանին տասնըչորս տղայ ու երեք աղջիկ տուեր էր։ Ասոնք Աստուծոյ տանը պաշտօնին համար ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով՝ իրենց հօրը ձեռքին տակ Տէրոջը տանը երգեր կ’երգէին. իսկ Ասափը, Իդիթունն ու Եմանը թագաւորին ձեռքին տակն էին։ Անոնց թիւը՝ Տէրոջը երգեր սորված իրենց եղբայրներուն հետ՝ այսինքն բոլոր հանճարեղներուն թիւը երկու հարիւր ութսունըութն էր։ Իրենց պաշտօնին համար՝ պզտիկն ու մեծը, վարպետն ու աշակերտը մէկտեղ վիճակ ձգեցին։ Առաջին վիճակը՝ Ասափին որդիին Յովսէփին ելաւ. երկրորդը՝ Գոդողիային. ինք ու իր եղբայրներն ու որդիները տասներկու մարդ էին։ Երրորդը՝ Զաքուրին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Չորրորդը՝ Եզրիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին։ Հինգերորդը՝ Նաթանիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Վեցերորդը՝ Բոկքիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Եօթներորդը՝ Յեսարելային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Ութերորդը՝ Եսայիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Իններորդը՝ Մաթանիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Տասներորդը՝ Սեմէիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Տասնըմէկերորդը՝ Ազարիէլին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Տասնըերկրորդը՝ Ասաբիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Տասնըերեքերորդը՝ Սուբայէլին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Տասնըչորրորդը՝ Մատաթիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Տասնըհինգերորդը՝ Յերիմովթին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Տասնըվեցերորդը՝ Անանիային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Տասնըեօթներորդը՝ Յեսբակասային, որ իր որդիներովը եւ եղբայրներովը տասնեկու մարդ էին. Տասնըութերորդը՝ Անանիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Տասնըիններորդը՝ Մեղեդիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Քսաներորդը՝ Եղիաթային, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Քսանըմէկերորդը՝ Յօթիրին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Քսանըերկրորդը՝ Գեթողաթիին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Քսանըերեքերորդը՝ Մազիովթին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին. Քսանըչորրորդը՝ Ռօմամթիեզերին, որ իր որդիներովն ու եղբայրներովը տասներկու մարդ էին։ Դռնապաններուն դասակարգութիւնները. Կորխեաններէն, Ասափին որդիներէն, Կովրէին որդին Մասեղամիան էր։ Մասեղամիային որդիները՝ անդրանիկը՝ Զաքարիան, երկրորդը՝ Յեդիէլը, երրորդը՝ Զաբադիան, չորրորդը՝ Յաթնիէլը, Հինգերորդը՝ Եղամը, վեցերորդը՝ Յօհանան, եօթներորդը՝ Եղիովէնային էին։ Աբդեդօմին որդիները՝ անդրանիկը՝ Սեմայիան, երկրորդը՝ Յովզաբադը, երրորդը՝ Յովաքը, չորրորդը՝ Սաքարը, հինգերորդը՝ Նաթանայէլը, Վեցերորդը՝ Ամիէլը, եօթներորդը՝ Իսաքարը, ութերորդը՝ Փեղաթին. քանզի Աստուած զանիկա օրհներ էր։ Անոր որդիին Սեմայիային որդիներ ծնան, որոնք իրենց հօրը տանը իշխանները եղան, քանզի անոնք զօրաւոր կտրիճներ էին։ Սեմայիային որդիները Ոթնին, Ռափայէլը, Ովբէդը, Եղզաբադը, Աքիովը, Բենհայիլը՝ ՝, Եղիուսն ու Սամաքիան էին։ Ասոնք Աբդեդօմին որդիներն էին։ Իրենք ու իրենց որդիները ու իրենց եղբայրները, ծառայութեան համար զօրաւոր ու կտրիճ մարդիկ՝ Աբդեդօմէն վաթսունըերկու հոգի էին։ Մասեղամիան տասնըութը զօրաւոր որդիներ ու եղբայրներ ունէր։ Մերարիին որդիներէն Ուսան որդիներ ունէր։ Գլխաւորը Սամարին էր. թէպէտեւ անիկա անդրանիկը չէր, բայց անր հայրը զանիկա գլուխ ըրաւ։ Երկրորդը՝ Քեղկիան, երրորդը՝ Տաբաղիան, չորրորդը՝ զաքարիան էր։ Ուսային բոլոր որդիներն ու եղբայրները տասնըերեք հոգի էին։ Դռնապաններուն դասակարգութիւնները ասոնց տրուեցան իբրեւ գլխաւոր մարդոց, որպէս զի իրենց եղբայրներուն հետ պահպանութիւն ընելով՝ Տէրոջը տանը մէջ ծառայեն։ Պզտիկն ու մեծը հաւասարապէս վիճակ ձգեցին իրենց ազգատոհմերուն համեմատ՝ ամէն մէկ դրան համար։ Արեւելեան կողմին վիճակը Սեղեմիային ելաւ. ետքը անոր որդիին, խելացի ու օրէնսգէտ Զաքարիային համար վիճակ ձգեցին ու անոր վիճակը հիւսիսային կողմը ելաւ։ Աբդեդօմին՝ հարաւային կողմը ու իր որդիներուն՝ Բեթասուփիմը։ Սուփիմին եւ Ուսային արեւմտեան կողմը ելաւ Սալեքեթին դրանը քով վեր ելլող ճամբուն վրայ։ Մէկ պահակատունը միւսին դէմն էր։ Արեւելեան կողմը օրը վեց Ղեւտացի, հիւսիսային կողմը օրը՝ չորս, հարաւային կողմը օրը՝ չորս, Ասուփիմին կողմը երկու երկու էին։ Փարպարի կողմը դէպի արեւմուտք վեր ելլող ճամբան՝ չորս ու Փարպար երկու դռնապան կար։ Կորխեաններու որդիներէն ու Մերարիին որդիներէն եղող դռնապաններուն դասակարգութիւնները ասոնք էին։ Ղեւտացիներէն Աստուծոյ տանը գանձերուն ու նուիրական գանձերուն վրայ՝ Աքիան էր։ Գերսոնացի Ղադանին ազգատոհմերուն իշխաններէն, Գերսոնացի Ղադանի որդիներէն, Յեքիէլն էր։ Յեքիէլի որդիները՝ Զեթամն ու անոր եղբայրը Յովէլը Տէրոջը տանը գանձերուն վրայ էին։ Ամրամեաններէն, Իսահառեաններէն, Քեբրոնեաններէն ու Ոզիէլեաններէն ասոնք էին։ Մովսէսին որդիին Գերսամին որդին Սուբայէլը գանձերուն վերակացուն էր։ Անոր եղբայրները՝ Եղիազարին որդիները. անոր որդին Հռաբիան, անոր որդին Եսային, անոր որդին Յովրամը, անոր որդին Զեքրին ու անոր որդին Սաղօմօթն էր։ Այս Սաղօմօթն ու անոր եղբայրները Դաւիթ թագաւորին ու տոհմերուն իշխաններուն ու հազարապետներուն եւ հարիւրապետներուն ու զօրքերու իշխաններուն նուիրած բոլոր սուրբ գանձերուն վրայ էին, Որոնք պատերազմներէն ու աւարէն Տէրոջը տանը շինութեանը՝ ՝ համար նուիրուեր էին։ Նաեւ Սամուէլ տեսանողին ու Կիսեան Սաւուղին ու Ներեան Աբեններին ու Շարուհեան Յովաբին նուիրած բոլոր նուէրները Սաղօմօթին ու անոր եղբայրներուն ձեռքին տակն էին։ Իսահառեաններէն՝ Քոնոնիան ու անոր որդիները արտաքին գործերու համար, Իսրայէլին վրայ ոստիկաններ ու դատաւորներ էին։ Քեբրոնեաններէն՝ Ասաբիան ու անոր եղբայրները, հազար եօթը հարիւր զօրաւոր մարդիկ, Յորդանանի ասդիի կողմը դէպի արեւմուտք, Տէրոջը գործին համար ու թագաւորին ծառայութեանը համար Իսրայէլին վրայ վերակացու էին։ Քեբրոնեաններէն՝ Քեբրոնեաններուն ազգատոհմին իշխանը Յերիան էր. Դաւիթին թագաւորութեանը քառասուներորդ տարին անոնք համրուեցան ու Գաղաադի Յազերին մէջ անոնցմէ զօրաւոր կտրիճներ գտնուեցան։ Անոր եղբայրները երկու հազար եօթը հարիւր զօրաւոր մարդիկ ու տոհմերու իշխաններ էին։ Դաւիթ թագաւորը զանոնք Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասեաններուն կէս ցեղին վրայ դրաւ՝ Աստուծոյ եւ թագաւորին գործին համար։ Իսրայէլի որդիներէն իրենց համրանքովը ազգատոհմի նահապետներէն ու հազարապետներէն եւ հարիւրապետներէն ու ոստիկաններէն, դասակարգութեան բոլոր գործին մէջ թագաւորին ծառայողներուն եւ բոլոր ամիսներուն՝ ամսէ ամիս մտնողներուն ու ելլողներուն ամէն մէկ դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Առաջին ամսուան համար առաջին դասին վրայ Զարդիէլին որդին Յեսբաամն էր ու անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Առաջին ամսուան բոլոր զօրավարներուն իշխանը Փարէսին որդիներէն էր։ Երկրորդ ամսուան դասին վրայ Աքուքացի Դովդան էր ու Մակեղօթը անոր դասին իշխանն էր։ Ասոր դասն ալ քսանըչորս հազար մարդ էր։ Երրորդ ամսուան համար երրորդ զօրապետը Յովիադա քահանային որդին Բանիան գլխաւորն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Այս Բանիան երեսունէն զօրաւոր էր ու երեսունին վրայ էր։ Անոր որդին Ամիզաբադ անոր դասին մէջն էր։ Չորրորդ ամսուան համար չորրորդ զօրապետը Յովաբին եղբայրը Ասայէլը ու անկէ ետքը անոր որդին Զաբադիան էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Հինգերորդ ամսուան համար հինգերորդ զօրապետը Յեզրացի Սամաւովթն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Վեցերորդ ամսուան համար վեցերորդ զօրապետը Թեկուացի Եկգեսին որդին Իրասն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Եօթներորդ ամսուան համար եօթներորդ զօրապետը Եփրեմին որդիներէն Փելօնացի Քեղղէսն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Ութերորդ ամսուան համար ութերորդ զօրապետը Զարայեաններէն Ովսացի Սովբաքն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Իններորդ ամսուան համար իններորդ զօրապետը Բենիամինեաններէն Անաթովթացի Աբիեզերն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Տասներորդ ամսուան համար տասներորդ զօրապետը Զարայեաններէն Նետոփաթացի Մաարան էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Տասնըմէկերորդ ամսուան համար տասնըմէկերորդ զօրապետը Եփրեմին որդիներէն Փարաթոնացի Բանիան էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Տասնըերկրորդ ամսուան համար տասնըերկրորդ զօրապետը Գոթոնիէլի սերունդէն Նետոփաթացի Ալադն էր։ Անոր դասը քսանըչորս հազար մարդ էր։ Իսրայէլի ցեղերուն վրայ ասոնք էին. Ռուբէնին ցեղին իշխան Զեքրիին որդին Եղիազարը, Շմաւոնին ցեղին ՝ Մաաքային որդին Սափատիան, Ղեւիին ցեղին ՝ Կամուէլի որդին Ասաբիան, Ահարոնին որդիներուն ՝ Սադովկը, Յուդային ցեղին ՝ Դաւիթին եղբայրներէն Եղիուսը, Իսաքարին ցեղին ՝ Միքայէլին որդին Ամրին, Զաբուղոնին ցեղին ՝ Աբդիային որդին Իսմայիան, Նեփթաղիմին ցեղին ՝ Եզրիէլին որդին Յերիմովթը, Եփրեմին որդիներուն՝ Ազազիային որդին Ովսէէն, Մանասէին կէս ցեղին՝ Փադայիային որդին Յովէլը, Գաղաադ եղող Մանասէին կէս ցեղին ՝ Զաքարիային որդին Յեդդովը, Բենիամինին ցեղին ՝ Աբեններին որդին Յեսիէլը, Դանին ցեղին ՝ Յերոամին որդին Ազարիէլը. Իսրայէլի ցեղերուն իշխանները ասոնք էին։ Դաւիթ քսան տարեկանէն վար եղողները չհամրեց, վասն զի Տէրը ըսեր էր թէ Իսրայէլը երկնքի աստղերուն չափ պիտի շատցնեմ։ Շարուհեային որդին Յովաբը սկսաւ համրել, բայց չլմնցուց։ Անոր համար Իսրայէլի վրայ բարկութիւն եկաւ։ Մարդահամարը Դաւիթ թագաւորին յիշատակի գրքին մէջ չմտաւ։ Թագաւորին գանձերուն վրայ Ադիէլին որդին Ազամօթն էր։ Դաշտը ու քաղաքները եւ գիւղերն ու աշտարակները եղող շտեմարաններուն վրայ Ոզիային որդին Յովնաթանն էր։ Արտը բանող երկրագործներուն վրայ Քեղուբին որդին Եզրին էր։ Այգիներուն վրայ Արիմաթացի Սեմէին էր։ Այգիներուն բերքերուն ու գինիի շտեմարաններուն վրայ Սեփամացի Զարդին էր։ Դաշտը եղող ձիթենիներուն ու մոլաթզենիներուն վրայ Գադերացի Բաաղանան էր։ Իւղի շտեմարաններուն վրայ Յովասն էր։ Սարօնի մէջ եղող արօտի արջառներուն վրայ Սարօնացի Սետրան էր։ Հովիտներու մէջ եղող արջառներուն վրայ Ադղիին որդին Սափատն էր։ Ուղտերուն վրայ Իսմայելացի Ոբիլն էր։ Էշերուն վրայ Մերոնոթացի Յադայիան էր։ Հօտերուն վրայ Հագարացի Յազիզն էր։ Ասոնք Դաւիթ թագաւորին ստացուածքներուն վերակացուներն էին։ Դաւիթին հօրեղբայրը Յովնաթան խորհրդական էր. անիկա խելացի ու գիտուն մարդ էր։ Հաքեմոնիին որդին Յեքիէլ թագաւորին որդիներուն հետ էր։ Աքիտոփէլ՝ թագաւորին խորհրդականը եւ Արաքացի Քուսին թագաւորին բարեկամն էր։ Աքիտոփէլէն ետքը Բանիային որդին Յովիադան ու Աբիաթարն էին։ Թագաւորին զօրագլուխը Յովաբն էր։ Դաւիթ Իսրայէլի բոլոր իշխանները, ցեղերուն իշխանները ու թագաւորին ծառայութիւն ընող դասերուն իշխանները եւ հազարապետներն ու հարիւրապետները եւ թագաւորին ու անոր որդիներուն բոլոր ստացուածքներուն ու ինչքերուն վերակացուները, ներքինիները, զօրավարներն ու զօրքին բոլոր կտրիճները Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց։ Դաւիթ թագաւորը ոտքի վրայ կեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ իմ եղբայրներս ու ժողովուրդս, ինծի մտիկ ըրէք։ Ես սրտանց փափաքեցայ, որ Տէրոջը ուխտին տապանակին ու մեր Աստուծոյն ոտքերուն պատուանդանին համար հանգստեան տուն մը շինեմ ու շինելու պատրաստութիւն տեսայ, Բայց Աստուած ինծի ըսաւ՝ ‘Դուն իմ անուանս տուն պիտի չշինես, քանզի դուն պատերազմի մարդ ես ու շատ արիւն՝ ՝ թափեցիր’։ Եւ Իսրայէլին Տէր Աստուածը իմ հօրս բոլոր տունէն զիս ընտրեց, որպէս զի յաւիտեան Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլամ. քանզի առաջնորդը Յուդայէն ու Յուդային տունէն իմ հօրս տունը ընտրեց ու իմ հօրս որդիներուն մէջէն զիս հաւնեցաւ, որպէս զի զիս բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր ընէ։ Իմ բոլոր որդիներէս, (որովհետեւ Տէրը ինծի շատ որդիներ տուաւ,) իմ որդիս Սողոմոնը ընտրեց, որպէս զի Իսրայէլի վրայ Տէրոջը թագաւորութեան աթոռը նստի Ու ինծի ըսաւ. ‘Քու որդիդ Սողոմոնը պիտի շինէ իմ տունս ու իմ սրահներս, քանզի զանիկա ինծի որդի ընտրեցի ու ես անոր հայր պիտի ըլլամ Եւ անոր թագաւորութիւնը յաւիտեան պիտի հաստատեմ, եթէ այսօրուան պէս իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս յարատեւէ գործադրել’։ Ու հիմա բոլոր Իսրայէլին Տէրոջը ժողովուրդին առջեւ ու մեր Աստուծոյն լսելովը ձեզի կ’ըսեմ, Ձեր Տէր Աստուծոյն բոլոր պատուիրանքները պահեցէ՛ք ու զգուշութեամբ սորվեցէ՛ք, որպէս զի այս բարի երկիրը ժառանգէք ու ձեզմէ ետքը ձեր որդիներուն ժառանգութիւն թողուք յաւիտեան»։ «Եւ դուն, որդեա՛կ իմ Սողոմոն, քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր ու անոր կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ըրէ՛. քանզի Տէրը սրտերը կը քննէ ու ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ։ Եթէ զանիկա փնտռես՝ պիտի գտնես՝ ՝ եւ եթէ զանիկա թողուս՝ ան ալ քեզ յաւիտեան պիտի մերժէ։ Հիմա նայէ՛, որ Տէրը քեզ ընտրեց իր սրբարանին համար տուն մը շինելու, զօրացի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր»։ Դաւիթ իր որդիին Սողոմոնին սրահին ու անոր սենեակներուն եւ անոր գանձարաններուն ու անոր ներքին շտեմարաններուն ու քաւութեան տանը գաղափարը տուաւ Եւ Հոգիին ազդեցութիւնովը իրեն յայտնուած ՝ ՝ բոլոր բաներուն՝ Տէրոջը տանը գաւիթներուն ու շուրջը եղող ամէն սենեակներուն եւ Աստուծոյ տանը շտեմարաններուն ու նուիրուած բաներուն գանձարաններուն գաղափարը տուաւ. Նաեւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժանումներուն համար ու Տէրոջը տանը պաշտօնին ամէն գործի համար եւ Տէրոջը տանը ծառայութեանը բոլոր անօթներուն համար պատուէր տուաւ ։ Բոլոր պաշտօններուն ոսկի անօթներուն կշիռքը ու արծաթէ անօթներուն ու ամէն պաշտօնի անօթներուն կշիռքը Եւ ոսկիէ աշտանակներուն ու անոնց ոսկիէ ճրագներուն կշիռքը եւ ամէն արծաթէ աշտանակի ու անոր ճրագներուն, ամէն մէկ աշտանակի գործածութեանը համեմատ կշիռքը տուաւ ։ Առաջաւորութեան սեղաններուն ամէն մէկ սեղանի համար ոսկիին կշիռքը ու արծաթէ սեղաններուն համար արծաթին կշիռքը Եւ մաքուր ոսկիէ մսահաններուն ու կոնքերուն եւ բաժակներուն ու ոսկիէ տաշտերուն համար ամէն մէկ տաշտի կշիռքը որոշեց ։ Խունկի սեղանին համար մաքուր ոսկի եւ իրենց թեւերը տարածող ու Տէրոջը ուխտին տապանակը ծածկող քերովբէներուն կառքին համար ոսկիի քանակը որոշեց ։ Այս բոլոր բաները, այս գաղափարին բոլոր գործերուն ծրագիրները Տէրը իր ձեռքին գրովը ինծի յայտնեց։ Դաւիթ իր որդիին Սողոմոնին ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քաջասիրտ եղի՛ր ու այս գործը լրացո՛ւր. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր, քանզի Տէր Աստուած, իմ Աստուածս, քեզի հետ է. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ, մինչեւ որ Տէրոջը տանը ծառայութեանը բոլոր գործերը լմնցնես։ Քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը Աստուծոյ տանը բոլոր ծառայութեանը համար են ու ամէն ծառայութեան համար եւ ամէն գործի մէջ յօժարակամ իմաստուններ քեզի հետ են եւ իշխաններ ու բոլոր ժողովուրդը քու հրամանիդ կը նային »։ Դաւիթ թագաւորը բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Իմ որդիս Սողոմոնը, որ Աստուած ընտրեց, փափուկ տղայ մըն է, բայց գործը մեծ է. քանզի այս պալատը մարդու համար չէ, հապա Տէր Աստուծոյ համար է։ Ուստի ես իմ բոլոր կարողութիւնովս իմ Աստուծոյս տանը համար՝ ոսկիէ բաներուն համար՝ ոսկի ու արծաթեղէններուն համար՝ արծաթ եւ պղնձեղէններուն համար՝ պղինձ ու երկաթեղէններուն համար՝ երկաթ ու փայտեղէններուն համար՝ փայտ ու եղնգնաքարեր, գամելու քարեր ու զարդի համար գոյնզգոյն քարեր եւ ամէն տեսակ պատուական քարեր ու մարմարիոն քարեր առատօրէն պատրաստեցի։ Նաեւ իմ Աստուծոյս տանը վրայ մեծ սէր ունենալուս համար՝ սրբարանին տանը համար ամէն պատրաստած բաներէս զատ՝ իմ յատուկ գանձիս մէջ եղած ոսկին ու արծաթն ալ իմ Աստուծոյս տանը համար տուի։ Ոփիրի ոսկիէն՝ երեք հազար տաղանդ ոսկի ու եօթը հազար տաղանդ մաքուր արծաթ՝ որպէս զի անոնցմով տան որմերը պատեն. Ոսկիէ առարկաներուն համար ոսկի ու արծաթեղէններուն համար՝ արծաթ ու արուեստագէտներու ամէն տեսակ գործի համար հարկաւոր եղածը տուի եւ այսօր ձեզմէ ո՞վ կամաւոր կերպով Տէրոջը ընծայ կու տայ»։ Այն ատեն տոհմերուն ու Իսրայէլի ցեղերուն իշխանները եւ հազարապետներն ու հարիւրապետները եւ թագաւորին գործին վերակացուները յօժար կամքով ընծայ բերին։ Աստուծոյ տանը գործին համար հինգ հազար տաղանդ եւ տասը հազար ոսկի դրամ ու տասը հազար տաղանդ արծաթ եւ տասնըութը հազար տաղանդ պղինձ ու հարիւր հազար տաղանդ երկաթ տուին։ Որուն քով որ քարեր գտնուեցան, Գերսոնացի Յեքիէլին ձեռքով Տէրոջը տանը գանձին ընծայեցին։ Ժողովուրդը մատուցուած կամաւոր ընծաներուն համար ուրախացան, քանզի կամաւոր ընծան բոլոր սրտով մատուցանեցին Տէրոջը։ Ասոր համար Դաւիթ թագաւորն ալ խիստ շատ ուրախացաւ։ Դաւիթ բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Տէրը օրհնեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, մեր հօրը Իսրայէլին Աստուածը, յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ես։ Ո՛վ Տէր, մեծութիւնը, զօրութիւնը, փառքը, պայծառութիւնն ու վայելչութիւնը քուկդ են. քանզի բոլոր երկնքի ու երկրի վրայ եղածը քուկդ է։ Ո՛վ Տէր, թագաւորութիւնը քուկդ է ու դուն իբրեւ գլուխ ամենէն բարձրացեալն ես։ Եւ հարստութիւնն ու փառքը քեզմէ են ու ամենուն իշխանը դուն ես եւ զօրութիւնն ու կարողութիւնը քու ձեռքիդ մէջ են եւ մէկը մեծցնելն ու ուժովցնելը քու ձեռքդ է։ Եւ հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, քեզի գոհութիւն կու տանք ու քու փառաւորեալ անունդ կ’օրհնենք։ Բայց ես ո՞վ եմ ու իմ ժողովուրդս ո՞վ է, որ այսպէս կամաւոր ընծայ տալու կարող ըլլանք, քանզի ամէն բան քեզմէ է ու քուկիններէդ քեզի տուինք։ Վասն զի մենք քու առջեւդ մեր բոլոր հայրերուն պէս օտարականներ ու պանդուխտներ ենք. երկրի վրայ մեր օրերը շուքի պէս են ու մնայուն բան՝ ՝ մը չկայ։ Ո՛վ Տէր, Աստուած մեր, քեզի՝ քու սուրբ անուանդ շինուելու տանը համար այս մեր պատրաստած բաներուն բոլոր առատութիւնը քու ձեռքէդ է ու ամէնքն ալ քուկդ են Եւ գիտեմ, ո՛վ Աստուած իմ, որ դուն սրտերը կը փորձես եւ ուղղութիւնը կը սիրես։ Ասոնց ամէնքը ես ուղիղ սրտով ու յօժար կամքով ընծայ ըրի ու հիմա ուրախութեամբ տեսայ թէ հոս գտնուած ժողովուրդդ քեզի կամաւոր ընծայ կը մատուցանեն։ Ով մեր հայրերուն՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Իսրայէլին Տէր Աստուածը, ասիկա յաւիտեան քու ժողովուրդիդ սրտին խորհուրդներուն մէջ պահէ ու անոնց սիրտը քեզի ուղղէ։ Եւ իմ որդիիս Սողոմոնին կատարեալ սիրտ տուր, որպէս զի քու պատուիրանքներդ, վկայութիւններդ ու կանոններդ պահէ եւ ամէնքը գործադրէ ու շինէ այն պալատը, որուն համար պատրաստութիւն տեսեր եմ»։ Եւ Դաւիթ բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Հիմա ձեր Տէր Աստուածը օրհնեցէ՛ք»։ Բոլոր ժողովուրդը իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը օրհնեցին եւ ծռելով՝ Տէրոջը ու թագաւորին երկրպագութիւն ըրին։ Հետեւեալ օրը զոհեր ու ողջակէզներ մատուցանեցին Տէրոջը։ Հազար զուարակ, հազար խոյ, հազար գառ՝ անոնց ըմպելի նուէրներովը ու բոլոր Իսրայէլի համար շատ զոհեր մատուցանեցին ։ Այն օրը Տէրոջը առջեւ մեծ ուրախութիւնով կերան, խմեցին ու Դաւիթին որդին Սողոմոնը նորէն թագաւոր հռչակեցին։ Զանիկա Տէրոջը համար՝ թագաւոր ու Սադովկը քահանայ օծեցին։ Եւ Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին տեղը Տէրոջը աթոռին վրայ իբր թագաւոր նստաւ ու յաջողութիւն գտաւ եւ բոլոր Իսրայէլ անոր հնազանդեցաւ։ Ու բոլոր իշխաններն ու զօրապետները եւ Դաւիթ թագաւորին բոլոր որդիներն ալ Սողոմոն թագաւորին հնազանդեցան։ Տէրը բոլոր Իսրայէլին առջեւ Սողոմոնը խիստ մեծցուց եւ անոր այնպէս թագաւորական փառք մը տուաւ, որ անկէ առաջ Իսրայէլի ոեւէ թագաւորի եղած չէր։ Այսպէս Յեսսէին որդին Դաւիթ բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա Իսրայէլի վրայ քառասուն տարի թագաւորեց։ Քեբրոնի մէջ՝ եօթը տարի ու Երուսաղէմի մէջ՝ երեսունըերեք տարի թագաւորեց։ Բարի ծերութեամբ մեռաւ, կեանքէն, մեծութենէն ու փառքէն իր բաղձանքը առած եւ անոր տեղ իր որդին Սողոմոն թագաւոր եղաւ։ Դաւիթ թագաւորին առաջին ու վերջին գործերը Սամուէլ տեսանողին գրքին մէջ ու Նաթան մարգարէին գրքին մէջ եւ Գադ տեսանողին գրքին մէջ գրուած են։ Նաեւ անոր բոլոր գործերն ու քաջութիւնը՝ թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ՛ ուրիշ երկիրներուն վրայ թագաւորած ատեն՝ պատահած դիպուածները։ Դաւիթին որդին՝ Սողոմոն՝ իր թագաւորութեանը մէջ զօրացաւ ու իր Տէր Աստուածը իր հետն էր ու Աստոած զինք խիստ մեծցուց։ Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի, այսինքն հազարապետներուն, հարիւրապետներուն, դատաւորներուն ու բոլոր Իսրայէլի տոհմապետներուն, խօսեցաւ։ Սողոմոն ու բոլոր ժողովուրդը իր հետ Գաբաւոնի բարձր տեղը գացին. քանզի Տէրոջը ծառային՝ Մովսէսին անապատին մէջ շինած՝ Աստուծոյ վկայութեան խորանը հոն էր. Միայն թէ Դաւիթ Աստուծոյ տապանակը Կարիաթարիմէն իր պատրաստած տեղը տարեր էր. քանզի Երուսաղէմի մէջ անոր վրան մը կանգներ էր, Սակայն Ովրեան Ուրիին որդիին Բեսելիէլին շինած պղնձէ սեղանը Տէրոջը խորանին առջեւն էր եւ Սողոմոն ու ժողովուրդը զանիկա փնտռեցին։ Սողոմոն հոն Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին պղնձէ սեղանին քով ելաւ՝ ՝ ու անոր վրայ հազար ողջակէզ մատուցանեց։ Այն գիշեր Աստուած Սողոմոնին երեւցաւ ու ըսաւ. «Խնդրէ՛, քեզի ի՞նչ տամ»։ Սողոմոն Աստուծոյ ըսաւ. «Դուն իմ հօրս Դաւիթին մեծ ողորմութիւն ըրիր ու զիս անոր տեղ թագաւոր ըրիր։ Հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած իմ հօրս Դաւիթին ըրած խոստումդ հաստատ թող մնայ. քանզի դուն զիս երկրի հողին չափ շատ ժողովուրդի վրայ թագաւոր ըրիր։ Ինծի իմաստութիւն ու գիտութիւն տուր, որպէս զի այս ժողովուրդին առջեւ ելլեմ ու մտնեմ. վասն զի այս քու մեծ ժողովուրդդ ո՞վ կրնայ դատել»։ Աստուած Սողոմոնին ըսաւ. «Որովհետեւ քու սրտիդ մէջ այս փափաքը ունեցար ու հարստութիւն, ստացուածք, փառք եւ քու թշնամիներուդ հոգին կամ երկար կեանք չխնդրեցիր, հապա քեզի իմաստութիւն ու գիտութիւն խնդրեցիր, որպէս զի դատես իմ ժողովուրդս՝ որուն վրայ քեզ թագաւոր ըրի, Ուրեմն իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի տրուի քեզի եւ հարստութիւն, ստացուածք ու փառք ալ պիտի տամ քեզի։ Այնպէս որ քեզմէ առաջ եղող թագաւորներուն այնպէս եղած չէ, որ քեզմէ ետքը եկողներուն ալ այնպէս պիտի չըլլայ»։ Սողոմոն Գաբաւոնին բարձր տեղէն՝ վկայութեան խորանին առջեւէն Երուսաղէմ դարձաւ ու Իսրայէլի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Սողոմոն կառքեր ու ձիաւորներ հաւաքեց ու անիկա հազար չորս հարիւր կառք ու տասներկու հազար ձիաւոր ունեցաւ։ Զանոնք կառքի քաղաքներուն մէջ ու թագաւորին քով Երուսաղէմի մէջ տեղաւորեց։ Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթն ու ոսկին քարերու պէս ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն՝ դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։ Սողոմոնին ձիերը Եգիպտոսէն կու գային ու թագաւորին վաճառականներուն կարաւանը որոշուած գնով մը ձիերու երամակներ ծախու կ’առնէին։ Եգիպտոսէն կառք մը վեց հարիւր արծաթով դուրս կը հանէին ու մէկ ձին՝ հարիւր յիսուն արծաթով ։ Քետացիներուն բոլոր թագաւորներուն համար եւ Ասորիներուն բոլոր թագաւորներուն համար ալ՝ անոնց ձեռքով կ’արտածէին։ Սողոմոն միտքը դրաւ՝ ՝, որ Տէրոջը անուանը տուն ու իր թագաւորութեանը տուն շինէ։ Եւ Սողոմոն եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը փայտ կտրելու համար ութսուն հազար մարդ ընտրեց եւ անոնց վրայ երեք հազար վեց հարիւր վերակացու դրաւ ։ Սողոմոն Տիւրոսի Քիրամ թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Ինչպէս իմ հօրս Դաւիթին եղեւնափայտեր ղրկեցիր, որպէս զի իրեն բնակելու համար տուն շինէ, Ահա ես իմ Տէր Աստուծոյս անուան տուն պիտի շինեմ, որպէս զի անոր նուիրուի, անոր առջեւ անուշահոտ խունկ ծխուի ու առաջաւորութեան հացը դրուի, առտուն ու իրիկունը, շաբաթները եւ ամսագլուխները ու մեր Տէր Աստուծոյն տօներուն օրերը ողջակէզներ մատուցանուին. ասիկա Իսրայէլի յաւիտենական պարտաւորութիւնն է։ Այն տունը որ ես պիտի շինեմ, մեծ ըլլալու է. քանզի մեր Աստուածը բոլոր աստուածներէն մեծ է Ու ո՞վ կարող է անոր տուն շինել. քանզի երկինք, նոյնիսկ ամենաբարձր երկինքը չի կրնար պարունակել զանիկա։ Ուրեմն ես ո՞վ եմ, որ անոր տուն շինեմ։ Միայն անոր խունկ ծխելու տեղ մը պիտի պատրաստեմ ։ Ուստի ինծի իմաստուն մարդ մը ղրկէ, որ հմուտ ըլլայ ոսկին, արծաթը, պղինձը, երկաթը, ծիրանեգոյնը, կարմիրը եւ կապուտակը գործածելու ու քանդակագործութիւն ալ գիտնայ, որպէս զի իմ քովս Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող իմ հօրս Դաւիթին պատրաստած վարպետներուն հետ գործէ։ Ինծի Լիբանանէն եղեւնափայտեր, մայրիի փայտեր ու ալմուկ փայտեր ղրկէ. քանզի ես գիտեմ թէ քու ծառաներդ Լիբանանէն փայտ կտրել գիտեն։ Ուրեմն իմ ծառաներս քու ծառաներուդ հետ թող գործակցին։ Ինծի խիստ շատ փայտ թող պատրաստեն. քանզի իմ շինելու տունս մեծ ու փառաւոր ըլլալու է։ Եւ ահա ես քու ծառաներուդ, փայտ կտրող բանուորներուդ, քսան հազար քոռ ծեծուած ցորեն ու քսան հազար քոռ գարի ու քսան հազար մար գինի ու քսան հազար մար իւղ պիտի տամ»։ Տիւրոսի Քիրամ թագաւորը Սողոմոնին նամակ ղրկեց ու ըսաւ. «Տէրը իր ժողովուրդը սիրելուն համար քեզ անոնց վրայ թագաւոր դրաւ»։ Եւ Քիրամ աւելցուց. «Երկինքն ու երկիրը ստեղծող Իսրայէլին Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ Դաւիթ թագաւորին խոհեմութիւն ու գիտութիւն ունեցող իմաստուն որդի մը տուաւ, որ Տէրոջը տուն ու իր թագաւորութեանը տուն շինէ։ Իմ վարպետս Քիրամը կը ղրկեմ, որ հանճարեղ ու իմաստուն մարդ մըն է։ Անիկա Դանի աղջիկներէն կնոջ մը որդին է ու անոր հայրը Տիւրացի է։ Անիկա ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, քարեր ու փայտեր, նաեւ ծիրանեգոյնի, կապուտակի, բեհեզի եւ կարմիրի վրայ բանելու ու ամէն տեսակ քանդակ փորագրելու կողմէ վարպետ է։ Քու վարպետներուդ հետ ու քու հօրդ Դաւիթին, իմ տիրոջս վարպետներուն հետ ամէն առաջարկուած բանին հնարքը կրնայ գտնել։ Իմ տէրս իր ըսած ցորենն ու գարին, իւղն ու գինին իր ծառաներուն թող ղրկէ։ Մենք Լիբանանէն հարկաւոր եղածին չափ փայտ պիտի կտրենք եւ լաստեր շինելով ՝ զանոնք ծովէն Յոպպէ պիտի բերենք քեզի։ Դուն զանոնք Երուսաղէմ փոխադրէ»։ Սողոմոն Իսրայէլի երկրին մէջ եղող բոլոր օտարազգի մարդիկը՝ որոնք իր հօրը Դաւիթին մարդահամարէն ետքը եկած էին՝ համրեց։ Անոնք հարիւր յիսունըերեք հազար վեց հարիւր հոգի էին։ Անոնցմէ եօթանասուն հազար բեռնակիր ու լեռը փայտ կտրող ութսուն հազար ու զանոնք բանեցնելու համար երեք հազար վեց հարիւր վերակացու որոշեց։ Սողոմոն սկսաւ Տէրոջը տունը շինել Երուսաղէմի մէջ, Մօրիա լերանը վրայ, ուր Տէրը անոր հօրը Դաւիթին երեւցեր էր, այն տեղը որ Դաւիթ Յեբուսացի Ոռնային կալին մէջ պատրաստեր էր։ Իր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, երկրորդ ամսուան երկրորդ օրը սկսաւ զանիկա շինել։ Աստուծոյ տունը շինելու համար Սողոմոնին դրած հիմը առաջուան չափով վաթսուն կանգուն՝ երկայն ու քսան կանգուն լայն էր։ Դիմացի սրահին երկայնութիւնը՝ տանը լայնութեան պէս՝ քսան կանգուն ու բարձրութիւնը հարիւր քսան կանգուն էր ու զանիկա ներսէն մաքուր ոսկիով պատեց։ Մեծ տունը մայր փայտով ծածկեց ու զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց ու անոր վրայ արմաւենիներ ու շղթաներ փորագրեց։ Շքեղութեան համար տունը պատուական քարերով զարդարեց ու ոսկին Փարուիմի ոսկի էր։ Տանը գերանները, սեմերը, պատերն ու դռները ոսկիով պատեց ու պատերուն վրայ քերովբէներ քանդակեց։ Սրբութիւն Սրբութեանցի տունը շինեց. անոր երկայնութիւնը տանը լայնութեանը պէս՝ քսան կանգուն ու լայնութիւնը քսան կանգուն էր։ Եւ զանիկա վեց հարիւր տաղանդի չափ մաքուր ոսկիով պատեց։ Բեւեռներուն կշիռքը յիսունական սիկղ ոսկի էր։ Վերնատունները ոսկիով պատեց։ Սրբութիւն Սրբութեանց տանը մէջ երկու քերովբէներ քանդակեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։ Քերովբէներուն թեւերը քսան կանգուն երկայնութիւն ունէին։ Մէկ թեւը հինգ կանգուն էր ու տանը պատին կը դպչէր։ Միւս թեւը հինգ կանգուն էր ու միւս քերովբէին թեւին կը դպչէր։ Միւս քերովբէին ալ մէկ թեւը հինգ կանգուն էր ու տանը պատին կը դպչէր ու միւս թեւը հինգ կանգուն էր ու միւս քերովբէին թեւին կցուած էր։ Այս քերովբէներուն տարածուած թեւերուն երկայնութիւնը քսան կանգուն էր։ Անոնք իրենց ոտքերուն վրայ կայնած էին։ Անոնց երեսը դէպի տունը կը նայէր։ Վարագոյրը կապուտակէ, ծիրանիէ, կարմիրէ ու բեհեզէ շինեց ու անոր վրայ քերովբէներ գործեց։ Տանը առջեւ երեսունըհինգ կանգուն երկայնութեամբ երկու սիւն շինեց։ Ամէն մէկուն վրայի խոյակը հինգ կանգուն էր։ Դաբիրին մէջի շղթաներուն պէս շղթաներ շինեց ու սիւներուն վրայ դրաւ։ Հարիւր նուռ շինեց ու շղթաներուն անցուց։ Սիւները տաճարին առջեւ կանգնեցուց, մէկը աջ կողմէն ու միւսը ձախ կողմէն։ Աջ կողմը եղողին անունը՝ Յաքին ու ձախ կողմը եղողին անունը Բոոզ դրաւ։ Պղնձէ սեղան մը շինեց։ Երկայնութիւնը քսան կանգուն, լայնութիւնը քսան կանգուն ու բարձրութիւնը տասը կանգուն։ Ձուլածոյ ծովը շինեց։ Մէկ շրթունքէն մինչեւ միւս շրթունքը տասը կանգուն էր ու անոր շրջապատը երեսուն կանգուն էր։ Եւ անոր տակ շուրջանակի ամէն կողմէն եզներու նմանութիւններ կային։ Ծովուն բոլորտիքը մէկ կանգունի մէջ տասնական եզներ կային ։ Եզները երկու կարգ էին, որոնք ծովը ձուլած ատեննին ձուլեր էին։ Անիկա տասներկու եզներու վրայ կը կենար, որոնց երեքը՝ դէպի հիւսիս, երեքը՝ դէպի արեւմուտք, երեքը՝ դէպի հարաւ ու երեքը դէպի արեւելք կը նայէին։ Ծովը անոնց վրայ էր։ Բոլորին ետեւի կողմը դէպի ներս դարձած էր ։ Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր։ Շրթունքը գաւաթի շրթունքի պէս էր։ Վրան շուշանի ծաղիկներ շինուած էին ։ Ան երեք հազար մար կ’առնէր։ Տասը աւազան շինեց։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգն ալ ձախ կողմը դրաւ լուացման համար։ Ողջակէզները անոնց մէջ կը լուային։ Ծովը քահանաներուն համար էր, որպէս զի հոն լուացուին։ Տասը ոսկեղէն աշտանակներ շինեց իրենց օրինակին համեմատ ու զանոնք տաճարին մէջ դրաւ։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգը՝ ձախ կողմը։ Տասը սեղան շինեց ու զանոնք տաճարին մէջ դրաւ։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգը՝ ձախ կողմը ու հարիւր ոսկեղէն կոնքեր շինեց։ Քահանաներուն գաւիթն ու մեծ գաւիթը եւ գաւիթին դռներ շինեց։ Անոնց փեղկերը պղնձով պատեց։ Ծովը՝ աջ կողմը՝ հարաւային արեւելեան անկիւնը դրաւ։ Քիրամ կաթսաներ, թիակներ ու կոնքեր շինեց։ Քիրամ լրացուց այն բոլոր գործերը, որոնք Աստուծոյ տանը համար Սողոմոն թագաւորին կը շինէր։ Այսինքն երկու սիւներն ու գունտերը ու երկու սիւներուն գլուխը եղող խոյակները եւ սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար երկու ցանցակերպ զարդեր Ու երկու ցանցակերպ զարդերուն չորս հարիւր նուռեր, այսինքն սիւներուն վրայի խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար՝ ամէն մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ երկու կարգ նուռեր։ Խարիսխներ շինեց, խարիսխներուն վրայ աւազաններ շինեց։ Մէկ ծովն ու անոր տակի տասներկու եզները Եւ կաթսաներն ու թիակները ու մսահանները եւ անոնց բոլոր գործիքները՝ Տէրոջը տանը համար Սողոմոն թագաւորին՝ փայլուն պղնձէ շինեց անոր վարպետը՝ Քիրամ։ Թագաւորը զանոնք Յորդանանի դաշտին մէջ թանձր հողի մը վրայ ձուլել տուաւ Սոկքովթի ու Սարեդայի մէջտեղ։ Սողոմոն խիստ շատ կարասիներ շինեց, քանզի պղինձը անհաշիւ էր։ Սողոմոն Աստուծոյ տանը բոլոր կարասիները շինեց. նաեւ խունկին ոսկի սեղանն ու այն սեղանները՝ որոնց վրայ առաջաւորութեան հացը կը դրուէր Եւ մաքուր ոսկիէ աշտանակներ ու անոնց ճրագները, դաբիրին առջեւ վառելու համար ըստ սովորութեան Եւ զուտ ոսկիէ ծաղիկներ ու ճրագներ եւ ունելիներ Ու մաքուր ոսկիէ բազմակալներ, տաշտեր, խնկամաններ ու բուրվառներ եւ տանը դռները, այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին ներսի դրանը փեղկերը։ Տանը՝ այսինքն տաճարին՝ դրանը փեղկերը ոսկիէ շինեց ։ Երբ Տէրոջը տանը համար բոլոր գործը լմնցաւ, Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին նուիրած բաները՝ արծաթն ու ոսկին ու բոլոր անօթները՝ տարաւ եւ Աստուծոյ գանձերուն մէջ դրաւ։ Այն ատեն Սողոմոն Իսրայէլի ծերերն ու ցեղերուն բոլոր իշխանները, Իսրայէլի որդիներուն նահապետները, Երուսաղէմի մէջ հաւաքեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը Դաւիթին քաղաքէն՝ այսինքն Սիօնէն՝ հանեն։ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը եօթներորդ ամսուան տօնին թագաւորին քով հաւաքուեցան։ Իսրայէլի բոլոր ծերերը եկան ու Ղեւտացիները տապանակը վերցուցին։ Քահանաներն ու Ղեւտացիները վկայութեան խորանը եւ խորանին մէջ եղած բոլոր սուրբ անօթները հանեցին։ Սողոմոն թագաւորն ու անոր քով հաւաքուած Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը տապանակին առջեւ անթիւ ու անհամար ոչխարներ ու արջառներ կը զոհէին։ Քահանաները Տէրոջը ուխտին տապանակը ներս տարին իր տեղը՝ տանը դաբիրը, Սրբութիւն Սրբութեանց ու քերովբէներուն թեւերուն տակը դրին ։ Քերովբէները տապանակին տեղին վրայ իրենց թեւերը կը տարածէին եւ տապանակն ու անոր ձողերը վերէն կը ծածկէին։ Ձողերը երկնցուցին եւ ձողերուն ծայրերը տապանակէն դաբիրին առջեւ կ’երեւնային, բայց դուրսէն չէին երեւնար ու մինչեւ այսօր հոն էին։ Տապանակին մէջ ուրիշ բան չկար, բայց միայն այն երկու տախտակները, որոնք Մովսէս Քորեբի մէջ հոն դրաւ, որոնցմով Տէրը Իսրայէլի որդիներուն հետ ուխտ ըրաւ՝ անոնց Եգիպտոսէն ելած ատենը։ Երբ քահանաները սուրբ տեղէն ելան, (վասն զի բոլոր հոն գտնուող քահանաները սրբուեր էին, առանց իրենց յաջորդական կարգը պահելու Ու բոլոր երգիչ Ղեւտացիները՝ Ասափին, Եմանին ու Իդիթունին եւ անոնց որդիներուն ու եղբայրներուն հետ բեհեզներ հագած ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով սեղանին արեւելեան կողմը կեցան։ Անոնց հետ հարիւր քսան քահանայ փող կը հնչեցնէին)։ Փող հնչեցնողներն ու երգողները միաբերան մէկ ձայնով Տէրը կ’օրհնէին ու կը գովէին եւ փողերով, ծնծղաներով ու նուագարաններով ձայներնին վերցնելով՝ Տէրը կ’օրհնէին, ըսելով. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ Այն ատեն Տէրոջը տունը ամպով լեցուեցաւ։ Ամպին պատճառով քահանաները չէին կրնար հոն կենալ, որպէս զի իրենց պաշտօնը կատարեն. քանզի Տէրոջը փառքը Աստուծոյ տունը լեցուցեր էր։ Այն ատեն Սողոմոն ըսաւ. «Տէրը ըսաւ թէ՝ ինք մառախուղի մէջ կը բնակի։ Բայց ես քեզի բնակութեան համար տուն ու յաւիտեան նստելու համար տեղ շինեցի»։ Թագաւորը իր երեսը դարձուց ու Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը օրհնեց։ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը ոտքի վրայ կեցեր էին Եւ անիկա ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ իր բերնով իմ հօրս Դաւիթին խոստացաւ ու իր ձեռքով կատարեց. քանզի ըսաւ՝ ‘Իմ ժողովուրդս Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս ի վեր՝ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն բնաւ քաղաք մը չընտրեցի տուն շինելու համար, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ ու մարդ մը չընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ իշխան ըլլայ. Ապա Երուսաղէմը ընտրեցի, որպէս զի իմ անունս հոն ըլլայ ու Դաւիթը ընտրեցի, որպէս զի իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլայ’։ Եւ իմ հայրս Դաւիթ միտք ունէր, որ Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն անուանը տուն մը շինէ, Բայց Տէրը իմ հօրս Դաւիթին ըսաւ. ‘Թէեւ դուն միտքդ դրիր որ իմ անուանս տուն շինես, աղէկ ըրիր, որ այս բանը միտքդ դրիր. Սակայն տունը դուն պիտի չշինես. հապա քու որդիդ, որ քու երանքէդ պիտի ելլէ։ Անիկա իմ անուանս տունը պիտի շինէ’։ Եւ ահա Տէրը իր ըսած խօսքը կատարեց ու ես իմ հօրս Դաւիթին յաջորդեցի ու Տէրոջը ըսածին պէս Իսրայէլին աթոռը նստայ ու Տէր Աստուծոյն անուանը՝ այս տունը շինեցի։ Հոն դրի տապանակը, որուն մէջ է Տէրոջը ուխտը, որ Իսրայէլի որդիներուն հետ ըրաւ»։ Տէրոջը սեղանին առջեւ՝ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին դէմը կենալով, ձեռքերը տարածեց. (Քանզի Սողոմոն պղնձէ խարիսխ մը շինելով՝ զանիկա գաւիթին մէջտեղը դրեր էր։ Անոր երկայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու լայնութիւնը՝ հինգ կանգուն ու բարձրութիւնը երեք կանգուն էր։ Ինք անոր վրայ կեցաւ ու Իսրայէլին բոլոր ժողովուրդին առջեւ ծունկ կրկնեց եւ ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց)։ Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, երկնքի մէջ ու երկրի վրայ քեզի պէս Աստուած չկայ, որ քու առջեւդ իրենց բոլոր սրտովը քալող ծառաներուդ հետ ուխտ ու ողորմութիւն պահես։ Դուն քու ծառայիդ, իմ հօրս Դաւիթին, ըրած խոստումդ պահեցիր ու բերնով ըսածդ ձեռքովդ կատարեցիր, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։ Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, պահէ այն խոստումը որ քու ծառայիդ իմ հօրս Դաւիթին ըրիր ու ըսիր. ‘Իմ առջեւս Իսրայէլի աթոռին վրայ նստող քեզմէ մարդ պակաս պիտի չըլլայ, այն պայմանով որ քու որդիներդ իրենց ճամբաներուն զգուշութիւն ընեն ու իմ օրէնքիս մէջ քալեն, ինչպէս դուն իմ առջեւս քալեցիր’։ Եւ հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, թող քու ծառայիդ Դաւիթին ըսած խօսքդ հաստատուի»։ «Բայց միթէ Աստուած իրաւցընէ երկրի վրայ մարդոց հետ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինքն ու ամենաբարձր երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս։ Սակայն, ո՛վ Աստուած իմ, քու ծառայիդ աղօթքին ու խնդրուածքին նայէ՛ եւ քու ծառայիդ այսօր քու առջեւդ ըրած պաղատանքն ու աղօթքը լսէ՛, Որպէս զի այս տանը վրայ ցորեկ ու գիշեր քու աչքերդ բաց ըլլան, այն տեղին վրայ՝ որուն համար ըսիր թէ՝ քու անունդ հոն պիտի դնես։ Ուստի քու ծառայիդ ըրած աղօթքը լսէ։ Նոյնպէս քու ծառայիդ եւ ժողովուրդիդ Իսրայէլին այս տեղ ըրած աղօթքը լսէ՛ այո՛, քու բնակութեանդ տեղէն, երկինքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛։ «Եթէ մէկը իր ընկերին դէմ մեղանչէ ու ան ալ երդում ընել տալու համար անոր երդում առաջարկէ ու երդումը այս տունը քու սեղանիդ առջեւ գայ, Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ ու կատարէ՛ ու քու ծառաներդ դատէ՛ եւ յանցաւորը դատապարտէ՛ ու անոր ըրածը անոր գլուխը բե՛ր եւ արդարը արդարացո՛ւր ու անոր արդարութեանը չափովը անոր հատուցում ըրէ՛։ «Եթէ քու ժողովուրդդ Իսրայէլը քեզի դէմ մեղանչելուն համար, իրենց թշնամիներուն առջեւ յաղթուին ու քեզի դառնան եւ քու առջեւդ աղօթք ու աղաչանք ընեն, Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ մեղքը ներէ՛ ու անոնց եւ անոնց հայրերուն տուած երկիրը դարձուր զանոնք։ «Եթէ անոնց քեզի դէմ մեղք գործելուն համար երկինք գոցուի ու անձրեւ չգայ ու անոնք այս տեղ քեզի աղօթք ընեն եւ քու անուանդ փառք տան ու զանոնք նեղելուդ համար իրենց մեղքերէն դառնան, Այն ատեն դուն երկնքէն լսէ՛ եւ քու ծառաներուդ ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին մեղքը ներէ՛, որպէս զի անոնց սորվեցնես այն աղէկ ճամբան՝ որուն մէջ պէտք է քալեն ու քու ժողովուրդիդ՝ իբր ժառանգութիւն տրուած երկրին վրայ անձրեւ տո՛ւր։ «Եթէ երկրի վրայ սով կամ ժանտախտ, կամ խորշակահարութիւն կամ արմտեաց դալուկ կամ մարախ, կամ թրթուր ըլլայ, կամ անոնց թշնամիները զանոնք իրենց բնակած երկրին մէջ նեղեն կամ հարուած կամ հիւանդութիւն ըլլայ Եւ եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն՝ ոեւէ մարդ աղօթք մը ու խնդրանք մը ընելու ըլլայ ու իւրաքանչիւր մարդ իր ախտն ու ցաւը ճանչնալով՝ ձեռքերը դէպի այս տունը երկնցնէ, Այն ատեն դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛, անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս, Որպէս զի քեզմէ վախնան ու քու ճամբաներուդ մէջ քալեն իրենց բոլոր օրերուն մէջ, որչափ ժամանակ որ մեր հայրերուն տրուած երկրին վրայ ապրին։ «Եթէ քու ժողովուրդէդ՝ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու մեծ անուանդ համար եւ զօրաւոր ձեռքիդ համար ու բարձր բազուկիդ համար եկող օտարականն ալ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ, Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրանքը կատարէ՛, որպէս զի երկրին բոլոր ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլին պէս քեզմէ վախնան եւ գիտնան թէ այս իմ շինած տունս քու անունովդ կոչուած է։ «Երբ քու ժողովուրդդ իր թշնամիին դէմ պատերազմի երթայ այն ճամբով, որ դուն պիտի ղրկես զանոնք, եթէ անոնք այդ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար այս իմ շինած տանս կողմը նայելով ՝ քեզի աղօթք ընեն, Երկնքէն անոնց աղօթքը ու խնդրուածքը լսէ՛ եւ անոնց իրաւունք ըրէ՛։ «Երբ քեզի դէմ մեղք գործեն (քանզի մեղք չգործող մարդ չկայ) ու անոնց բարկանալով զանոնք թշնամիին ձեռքը մատնես ու գերեվարները հեռու կամ մօտ երկիր մը գերի տանին զանոնք, Եթէ իրենց գերութեան երկրին մէջ զղջան ու դառնան եւ իրենց գերութեան երկրին մէջ քեզի աղաչեն ու ըսեն՝ ‘Մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ու անիրաւութիւն ըրինք’, Եթէ անոնք այն երկրին մէջ, ուր գերի տարուած են, իրենց բոլոր սրտովն ու իրենց բոլոր հոգիովը քեզի դառնան ու իրենց երկրին, որ իրենց հայրերուն տուիր եւ քու ընտրած քաղաքիդ ու քու անուանդ համար իմ շինած տանս կողմը նայելով աղօթք ընեն, Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, անոնց աղօթքն ու խնդրանքը լսէ՛ ու անոնց իրաւունք ըրէ՛ եւ քու ժողովուրդիդ քեզի դէմ ըրած մեղքը ներէ։ Հիմա, ո՛վ Աստուած իմ, այս տեղ մատուցուած աղօթքին վրայ թող քու աչքերդ բաց ըլլան ու քու ականջներդ մտիկ ընեն։ Հիմա, ո՛վ Տէր Աստուած, քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը. ո՛վ Տէր Աստուած, թող քու քահանաներդ փրկութիւն հագնին եւ քու սուրբերդ բարութիւնով ուրախանան։ Ո՛վ Տէր Աստուած, քու օծեալիդ երեսը մի՛ անարգեր, հապա քու ծառայիդ Դաւիթին ըրած ողորմութիւններդ յիշէ՛»։ Երբ Սողոմոն իր աղօթքը լմնցուց, երկնքէն կրակ իջաւ ու ողջակէզները ու զոհերը լափեց ու Տէրոջը փառքը տունը լեցուց։ Քահանաները չէին կրնար Տէրոջը տունը մտնել, քանզի Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր։ Բոլոր Իսրայէլին որդիները կրակին իջնելը եւ տանը վրայ Տէրոջը փառքին հանգչիլը տեսան ու երեսի վրայ գետինը իյնալով՝ քարայատակին վրայ երկրպագութիւն ըրին ու Տէրը օրհնեցին, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Եւ թագաւորն ու բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը առջեւ զոհեր կը մատուցանէին։ Եւ Սողոմոն թագաւորը քսանըերկու հազար արջառ ու հարիւր քսան հազար ոչխար զոհեց։ Այսպէս թագաւորն ու բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին։ Քահանաները իրենց պահպանութեանը համեմատ կը կենային ու Ղեւտացիները՝ Տէրոջը նուագարաններովը, որոնք Դաւիթ թագաւորը շիներ էր Տէրը գովելու համար, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Երբ Դաւիթ անոնց ձեռքով Տէրը օրհնեց ու քահանաները փողերը հնչեցուցին, բոլոր Իսրայէլ ոտքի վրայ կեցաւ։ Սողոմոն Տէրոջը տանը առջեւ եղող գաւիթին մէջտեղը սրբեց, քանզի ողջակէզներն ու խաղաղութեան զոհերուն ճարպերը հոն մատուցանեց եւ որովհետեւ Սողոմոնին շինած պղնձէ սեղանը, ողջակէզներն ու հացի ընծաները ու ճարպերը չէր կրնար պարունակել։ Այն ատեն Սողոմոն ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլ, խիստ մեծ ժողով մը, Եմաթի մուտքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը եօթը օր տօն ըրին։ Եւ ութերորդ օրը մեծ ժողով ըրին. քանզի եօթը օր սեղանին նաւակատիքը ու եօթը օր տօնը կատարեցին։ Ու եօթներորդ ամսուան քսանըերեքերորդ օրը ժողովուրդը արձակեց, որոնք իրենց վրանները գացին, զուարթ սրտով մը ուրախանալով այն բարիքներուն համար, որոնք Տէրը Դաւիթին, Սողոմոնին ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին տուեր էր։ Սողոմոն Տէրոջը տունն ու թագաւորական տունը լմնցուց եւ Սողոմոնին սիրտը ինչ որ ծրագրած էր Աստուծոյ տանը եւ թագաւորական տանը համար, ամէնքն ալ յաջողութեամբ կատարուեցան։ Ու Տէրը գիշերով Սողոմոնին երեւցաւ եւ անոր ըսաւ. «Քու աղօթքդ լսեցի ու այս տեղը ընտրեցի, որպէս զի ինծի զոհի տուն ըլլայ։ Եթէ երկինքը գոցեմ, որպէս զի չանձրեւէ եւ եթէ մարախին պատուիրեմ, որպէս զի երկիրը ուտէ կամ եթէ իմ ժողովուրդիս մէջ ժանտախտ ղրկեմ Ու իմ անունովս կոչուած ժողովուրդս եթէ խոնարհին ու աղօթք ընեն ու իմ երեսս խնդրեն եւ իրենց չար ճամբաներէն դառնան, ես ալ երկնքէն պիտի լսեմ ու անոնց մեղքը ներեմ ու անոնց երկիրը պիտի բժշկեմ։ Հիմա այստեղ մատուցանուելու աղօթքին իմ աչքերս բաց պիտի ըլլան ու ականջներս պիտի լսեն։ Քանզի այս տունը ընտրեցի ու սրբեցի, որպէս զի իմ անունս յաւիտեան հոն ըլլայ։ Իմ աչքերս ու սիրտս ամէն ատեն հոն պիտի ըլլան։ Եթէ դուն իմ առջեւս այնպէս քալես, ինչպէս Դաւիթ քալեց ու բոլոր քեզի պատուիրածներս ընես եւ իմ կանոններս ու օրէնքներս պահես, Այն ատեն քու թագաւորութեանդ աթոռը պիտի հաստատեմ, ինչպէս քու հօրդ Դաւիթին հետ ուխտ ըրի՝ ըսելով. ‘Քեզմէ Իսրայէլի վրայ իշխող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’։ Բայց եթէ դառնաք ու ձեր առջեւ դրուած կանոններս ու պատուիրանքներս թողուք ու երթաք ուրիշ աստուածներու ծառայութիւն ընէք եւ անոնց երկրպագութիւն ընէք, Այն ատեն ձեզ արմատէն պիտի խլեմ այն երկրին վրայէն, որ ձեզի տուի եւ այս տունը որ իմ անուանս համար սրբեցի, երեսէս պիտի ձգեմ ու զանիկա բոլոր ազգերու մէջ ծաղրանքի առարկայ պիտի ընեմ։ Եւ այս բարձր տանը համար անոր քովէն անցնողը պիտի զարմանայ ու պիտի ըսէ՝ ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը այս երկրին ու այս տանը այսպէս ըրաւ’։ Եւ պիտի պատասխանեն. ‘Վասն զի իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցին, որ զիրենք Եգիպտոսէն հաներ էր եւ ուրիշ աստուածներու յարեցան եւ անոնց երկրպագութիւն ու ծառայութիւն ըրին. այս պատճառով անոնց վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ’»։ Սողոմոն Տէրոջը տունն ու իր տունը քսան տարուան մէջ շինելէն ետքը, Այն քաղաքներն ալ շինեց, որոնք Քիրամ Սողոմոնին տուեր էր ու հոն Իսրայէլի որդիներ բնակեցուց։ Սողոմոն Սուբայի Եմաթը գնաց ու անոր տիրեց։ Անապատին մէջ Թադմօրը շինեց ու այս բոլոր շտեմարանի քաղաքները՝ որոնք Եմաթի երկրին մէջ շինեց Ու վերի Բեթորոնն ու վարի Բեթորոնը պարիսպներով, դռներով ու նիգերով ամրացած քաղաքներ շինեց. Նաեւ Բաաղեթը ու Սողոմոնի բոլոր շտեմարանի քաղաքներն ու կառքերուն բոլոր քաղաքները ու ձիաւորներուն քաղաքները եւ այն բոլոր շէնքերը՝ որոնք Սողոմոն ուզեց շինել Երուսաղէմի, Լիբանանի ու իր տէրութեանը բոլոր երկրին մէջ։ Այն բոլոր ժողովուրդները, որոնք Քետացիներէն, Ամօրհացիներէն, Փերեզացիներէն, Խեւացիներէն ու Յեբուսացիներէն մնացեր էին եւ Իսրայէլի որդիներէն չէին, Այսինքն անոնց զաւակները, որոնք անոնցմէ ետքը այն երկրին մէջ մնացեր էին ու Իսրայէլի որդիները զանոնք բոլորովին կորսնցուցած չէին, Սողոմոն հարկատու ըրաւ մինչեւ այսօր։ Սողոմոն իր գործին համար Իսրայէլի որդիներէն ծառաներ չառաւ, հապա անոնք պատերազմիկներ ու իր զօրքերուն իշխաններ եւ իր կառքերուն ու ձիաւորներուն վերակացուներ էին։ Սողոմոն թագաւորին գլխաւոր իշխանները երկու հարիւր յիսուն հոգի էին, որոնք ժողովուրդին վրայ կ’իշխէին։ Սողոմոն Փարաւոնին աղջիկը Դաւիթին քաղաքէն անոր համար շինած տունը տարաւ ու ըսաւ. «Իմ կինս Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին տունը պէտք չէ նստի, վասն զի Տէրոջը տապանակին մտած տեղերը սուրբ են»։ Այն ատեն Սողոմոն սրահին առջեւ շինած Տէրոջը սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց Տէրոջը։ Մովսէսին պատուիրածին համեմատ ամէն օրուան որոշուածը՝ շաբաթներու, ամսագլուխներու ու հանդիսաւոր տօներուն մէջ, տարին երեք անգամ, այսինքն Բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու Տաղաւարահարաց տօնին կը մատուցանէր։ Իր հօրը Դաւիթին կանոնովը քահանաներուն դասերը իրենց պաշտօններուն վրայ ու Ղեւտացիները իրենց պահպանութիւններուն վրայ, ամէն օրուան որոշուածին պէս, քահանաներուն առջեւ օրհնելու ու սպասաւորութիւն ընելու համար եւ դռնապաններն ալ իրենց դասերուն կարգովը մէկ մէկ դուռի քով դրաւ. քանզի այսպէս էր Աստուծոյ մարդուն՝ Դաւիթին՝ հրամանը։ Քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն, գանձարաններուն համար եւ ամէն բանի մէջ թագաւորին հրամանէն դուրս չեկան։ Սողոմոնին բոլոր գործերը՝ Տէրոջը տանը հիմը դրուած օրէն մինչեւ անոր լմննալը՝ պատրաստուած էին։ Այսպէս լրացաւ Տէրոջը տունը։ Այն ատեն Սողոմոն Եդովմի երկրին մէջ՝ ծովեզերքը եղող Գասիոնգաբեր ու Ելաթ գնաց։ Քիրամ իր ծառաներուն ձեռքով նաւեր ու ծովու ճամբորդութեան հմուտ ծառաներ ղրկեց անոր, որոնք Սողոմոնին ծառաներուն հետ Ոփիր գացին, անկէ չորս հարիւր յիսուն տաղանդ ոսկի առին ու Սողոմոն թագաւորին բերին։ Սաբայի թագուհին Սողոմոնին համբաւը լսեց ու խրթին հարցումներով Սողոմոնը փորձելու համար Երուսաղէմ եկաւ խիստ մեծ շքախումբով եւ խունկեր ու ոսկի եւ պատուական քարեր բեռցուցած ուղտերով։ Երբ Սողոմոնին քով գնաց, իր սրտին մէջ բոլոր եղածին վրայով անոր հետ խօսեցաւ։ Սողոմոն անոր բոլոր հարցերը բացատրեց ու բնաւ խօսք մը չկար, որ Սողոմոն չհասկնար ու չբացատրէր անոր։ Սաբայի թագուհին Սողոմոնին իմաստութիւնն ու անոր շինած տունը Եւ անոր սեղանին կերակուրներն ու անոր ծառաներուն բնակարանները եւ սպասաւորներուն կեցուածքն ու անոնց հագուստները եւ անոր մատռուակները, անոնց հագուստներն ու Տէրոջը տունը ելլելու սանդուխը տեսնելով՝ խելքը գլխէն գնաց Եւ թագաւորին ըսաւ. «Քու վիճակիդ ու իմաստութեանդ վրայով իմ երկրիս մէջ լսած խօսքերս ճշմարիտ են եղեր, Բայց ես այն խօսքերուն չհաւատացի, մինչեւ անձամբ եկայ ու իմ աչքերովս տեսայ։ Ահա քու իմաստութեանդ շատութեանը կէսը ինծի պատմուած չէր։ Դուն գերազանց ես այն համբաւէն, որ ես լսեցի։ Երանի՜ քու մարդոցդ ու երանի՜ այս քու ծառաներուդ, որոնք միշտ քու առջեւդ կայնելով քու իմաստութիւնդ կը լսեն։ Քու Եհովա Աստուածդ օրհնեալ ըլլայ, որ քեզի հաւնեցաւ ու քեզ իր աթոռին վրայ դրաւ, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ հաճելի թագաւոր ըլլաս։ Քու Աստուածդ Իսրայէլը սիրելուն ու զանիկա յաւիտեան հաստատելու համար, քեզ անոնց վրայ թագաւոր ըրաւ, որպէս զի իրաւունք ու արդարութիւն ընես»։ Եւ թագաւորին հարիւր քսան տաղանդ ոսկի ու խիստ շատ խունկեր եւ պատուական քարեր տուաւ։ Սաբայի թագուհիին՝ Սողոմոն թագաւորին տուած խունկերուն նմանը չկար։ Եւ Քիրամին ծառաներն ու Սողոմոնին ծառաները, որոնք Ոփիրէն ոսկի կը բերէին, ալմուկ փայտեր ու պատուական քարեր ալ բերին։ Եւ թագաւորը ալմուկ փայտէն՝ Տէրոջը տանը ու թագաւորական տանը աստիճաններ ու երգողներուն համար քնարներ ու տաւիղներ շինեց եւ անոնց նմանը անկէ առաջ Յուդայի երկրին մէջ չէր երեւցած։ Սողոմոն թագաւորը Սաբայի թագուհիին բոլոր ուզած ու խնդրած բաները տուաւ, այն բաներէն զատ՝ որոնք անիկա թագաւորին բերաւ եւ անիկա իր ծառաներուն հետ դարձաւ իր երկիրը գնաց։ Մէկ տարուան մէջ Սողոմոնին եկած ոսկին վեց հարիւր վաթսունըվեց տաղանդ կը կշռէր, Առուտուր ընողներուն ու վաճառականներուն եւ Արաբացիներուն բոլոր թագաւորներուն ու երկրին նախարարներուն՝ Սողոմոնին բերած ոսկիէն ու արծաթէն զատ։ Սողոմոն թագաւորը կռածոյ ոսկիէ երկու հարիւր վահան շինեց ու ամէն մէկ վահանի համար վեց հարիւր սիկղ կռածոյ ոսկի գնաց։ Կռածոյ ոսկիէ երեք հարիւր ասպար ալ շինեց ։ Ամէն մէկ ասպարին երեք հարիւր սիկղ ոսկի գնաց ու թագաւորը Լիբանանի անտառին տունը դրաւ զանոնք։ Թագաւորը փղոսկրէ մեծ աթոռ մը շինեց ու զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց։ Աթոռը վեց աստիճան ու ոսկիէ պատուանդան մը ունէր, որոնք աթոռին կից էին եւ նստելու տեղը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն յենարաններ ունէր։ Յենարաններուն քով երկու առիւծներ կը կենային։ Վեց աստիճաններուն վրայ՝ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տասներկու առիւծներ կը կենային։ Ոեւէ թագաւորութեան մէջ այսպիսի բան մը շինուած չէր։ Սողոմոն թագաւորին բոլոր խմելիքի ամանները ոսկի էին եւ Լիբանանի անտառին տանը բոլոր ամանները զուտ ոսկիէ էին, արծաթէ չկար. վասն զի արծաթը Սողոմոնին օրերը բանի տեղ չէր սեպուեր։ Քանզի թագաւորին նաւերը Քիրամին ծառաներուն հետ Թարսիս կ’երթային. Թարսիսի նաւերը երեք տարին անգամ մը ոսկիով, արծաթով, փղոսկրով, կապիկներով ու սիրամարգներով բեռնաւորուած կու գային։ Սողոմոն թագաւորը հարստութեան ու իմաստութեան կողմանէ՝ երկրի բոլոր թագաւորներէն մեծ եղաւ։ Երկրի բոլոր թագաւորները կը փափաքէին Սողոմոնին երեսը տեսնել եւ անոր իմաստութիւնը լսել, որ Աստուած անոր սրտին մէջ դրեր էր։ Անոնց ամէնքը տարուէ տարի իրենց ընծաները կը բերէին, այսինքն արծաթէ ամաններ, ոսկիէ ամաններ, հանդերձներ, զէնքեր, խունկեր, ձիեր ու ջորիներ։ Սողոմոն ձիերու ու կառքերու համար չորս հազար ախոռ ունէր ու տասներկու հազար ձիաւոր ու զանոնք կառքերու քաղաքներուն ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորին քով տեղաւորեց։ Եփրատ գետէն մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը՝ բոլոր թագաւորներուն վրայ կ’իշխէր։ Թագաւորը Երուսաղէմի մէջ արծաթը քարերու պէս հասարակ բան մը ըրաւ ու եղեւնափայտը շատութենէն դաշտի մէջ եղող մոլաթզենիներուն պէս ըրաւ։ Անոր համար Եգիպտոսէն ու ամէն երկրէ ձիեր կ’արտածուէին։ Սողոմոնին առաջին ու վերջին պատմութեանը մնացորդը՝ Նաթան մարգարէին գրքին ու Սիլօնացի Աքիայի մարգարէութեանը եւ Ադդով տեսանողին՝ Նաբատեան Յերոբովամին վրայով գրած տեսիլքներուն մէջ գրուած են։ Սողոմոն բոլոր Իսրայէլի վրայ Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Սողոմոն իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հօրը Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ռոբովամը թագաւոր եղաւ։ Ռոբովամ Սիւքէմ գնաց. վասն զի բոլոր Իսրայէլ զանիկա թագաւոր ընելու համար Սիւքէմ գացեր էր։ Նաբատեան Յերոբովամը, որ Սողոմոն թագաւորին երեսէն փախած Եգիպտոս կը բնակէր, այս բանը լսելով Եգիպտոսէն դարձաւ Եւ մարդ ղրկելով զանիկա կանչեցին ու Յերոբովամ եւ բոլոր Իսրայէլ եկան ու Ռոբովամին հետ խօսեցան ու ըսին. «Քու հայրդ մեր վրայ ծանր լուծ մը դրաւ ու հիմա քու հօրդ դաժան ծառայութիւնն ու մեր վրայ դրած ծանր լուծը թեթեւցուր, որ քեզի ծառայութիւն ընենք»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Երեք օր ետքը ինծի եկէք»։ Ժողովուրդը գնաց։ Ռոբովամ թագաւորը խորհուրդ հարցուց այն ծերերուն, որոնք իր հօրը Սողոմոնին առջեւ կը կենային, երբ անիկա ողջ էր ու ըսաւ. «Դուք ինծի ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ»։ Անոնք խօսեցան ու ըսին. «Եթէ այս ժողովուրդին հետ քաղցրութեամբ վարուիս ու անոնց հաճելի ըլլաս ու անոնց բարի խօսքեր խօսիս, այն ատեն անոնք միշտ քեզի ծառայ պիտի ըլլան»։ Բայց անիկա ծերերուն իրեն տուած խորհուրդը մերժեց ու իր առջեւ կեցող ու իրեն հետ մեծցած երիտասարդներուն խորհուրդ հարցուց Եւ անոնց ըսաւ. «Դուք ի՞նչ խորհուրդ կու տաք, որ այս ժողովուրդին պատասխան տամ. քանզի անոնք ինծի խօսեցան ու ըսին. ‘Քու հօրդ մեր վրայ դրած լուծը թեթեւցուր’»։ Անոր հետ մեծցած երիտասարդները անոր խօսեցան ու ըսին. «Քու հայրդ մեր լուծը ծանրացուց ու դուն մեր վրայէն թեթեւցուր՝ ըսող ժողովուրդին այսպէս խօսիր ու անոնց այսպէս ըսէ. ‘Իմ պզտիկ մատս իմ հօրս մէջքէն հաստ է։ Իմ հայրս ձեր վրայ ծանր լուծ դրեր է, բայց ես ձեր լուծը աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր է, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ ’»։ Յերոբովամ ու բոլոր ժողովուրդը երրորդ օրը Ռոբովամին եկան, ինչպէս թագաւորը ըսեր էր թէ՝ «Երրորդ օրը ինծի եկէք»։ Թագաւորը անոնց խստութեամբ պատասխան տուաւ։ Ռոբովամ թագաւորը ծերերուն խորհուրդը մերժելով, Երիտասարդներուն խորհուրդին պէս անոնց հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Իմ հայրս ձեր լուծը ծանրացուցեր էր, բայց ես զանիկա աւելի պիտի ծանրացնեմ։ Իմ հայրս ձեզ խարազաններով խրատեր էր, բայց ես ձեզ կարիճներով պիտի խրատեմ »։ Թագաւորը ժողովուրդին խօսքին մտիկ չըրաւ. վասն զի այս բանը Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի Տէրը Սիլօնացի Աքիային միջոցով Նաբատեան Յերոբովամին ըսած խօսքը կատարէ։ Երբ բոլոր Իսրայէլ տեսաւ որ թագաւորը իրենց մտիկ չըրաւ, ժողովուրդն ալ թագաւորին պատասխան տուին ու ըսին. «Մենք Դաւիթին քով ի՞նչ բաժին ունինք ու Յեսսէին որդիին քով ժառանգութիւն չունինք։ Ո՛վ Իսրայէլ, թող ամէն մարդ իր վրանը դառնայ ։ Ո՛վ Դաւիթ, հիմա դուն քու տունդ հոգայ»։ Բոլոր Իսրայէլ իրենց վրանները գացին։ Բայց Յուդային քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլին որդիներուն վրայ Ռոբովամ թագաւոր եղաւ։ Ռոբովամ թագաւորը, երբ հարկերուն վրայ եղող Ադորամը ղրկեց, Իսրայէլին որդիները զանիկա քարկոծեցին ու մեռցուցին։ Ռոբովամ թագաւորը արտորալով կառքը հեծաւ, որպէս զի Երուսաղէմ փախչի։ Այսպէս Իսրայէլ Դաւիթին տան դէմ ապստամբ մնաց մինչեւ այսօր։ Ռոբովամ Երուսաղէմ եկաւ ու Յուդայի եւ Բենիամինի տունէն հարիւր ութսուն հազար ընտիր պատերազմողներ հաւաքեց, որպէս զի Իսրայէլի հետ պատերազմ ընեն ու թագաւորութիւնը Ռոբովամին դարձնեն։ Բայց Տէրոջը խօսքը Աստուծոյ մարդուն՝ Սեմայիային՝ եղաւ, ըսելով. «Սողոմոնին որդիին, Յուդայի Ռոբովամ թագաւորին ու Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եղող բոլոր Իսրայելացիներուն խօսէ եւ ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ ելլէք ու ձեր եղբայրներուն հետ մի՛ պատերազմիք։ Ամէն մարդ թող իր տունը դառնայ, վասն զի այս բանը ինծմէ եղաւ’»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրին ու Յերոբովամին վրայ երթալէն ետ կեցան։ Ռոբովամ Երուսաղէմ բնակեցաւ ու Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ շինեց։ Բեթլէհէմը, Ետամը, Թեկուէն, Բեթսուրը, Սոքովը, Ոդողոմը, Գէթը, Մարեսան, Զիփը, Ադորայիմը, Լաքիսը, Ազեկան, Սարաան, Այեղոնը ու Քեբրոնը շինեց, որոնք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ պարսպապատ քաղաքներ էին։ Պարիսպները ամրացուց ու անոնց մէջ զօրապետներ եւ կերակուրի ու իւղի եւ գինիի շտեմարաններ Ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ վահաններ ու նիզակներ դրաւ եւ զանոնք խիստ շատ ամրացուց։ Յուդա եւ Բենիամին անոր հպատակ էին։ Բոլոր Իսրայէլի մէջ եղող քահանաներն ու Ղեւտացիները իրենց բոլոր սահմաններէն անոր քով հաւաքուեցան. (Քանզի Ղեւտացիները իրենց արուարձաններն ու կալուածները թողուցին եւ Յուդայի երկիրը ու Երուսաղէմ գացին. վասն զի Յերոբովամ ու անոր որդիները զանոնք Տէրոջը քահանայութենէն հանեցին։ Անիկա բարձր տեղերու համար ու դեւերու համար ու իր շինած հորթերուն համար իրեն քուրմեր որոշեց)։ Եւ անոնց ետեւէն՝ Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն Իսրայէլի Տէր Աստուածը սրտանց փնտռողները՝ ՝ իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյ զոհ ընելու համար Երուսաղէմ կ’երթային։ Յուդայի թագաւորութիւնը զօրացուցին եւ Սողոմոնին որդին Ռոբովամը երեք տարուան մէջ ուժովցուցին. քանզի երեք տարի Դաւիթին ու Սողոմոնին ճամբովը քալեցին։ Ռոբովամ Դաւիթին որդիին Յերիմովթին աղջիկը՝ Մայէլէթը՝ իրեն կնութեան առաւ. նաեւ Յեսսէին որդիին Եղիաբին աղջիկը՝ Աբիքէլը։ Անիկա որդիներ ծնաւ անոր՝ Յեուսը, Սամարիան ու Զաամը։ Անկէ ետքը Աբիսողոմին աղջիկը Մաաքան առաւ, որ անոր ծնաւ՝ Աբիան, Եթթին, Զիզան ու Սաղօմիթը։ Ռոբովամ Աբիսողոմին աղջիկը Մաաքան իր բոլոր կիներէն ու հարճերէն աւելի կը սիրէր. (վասն զի անիկա տասնըութը կին ու վաթսուն հարճ առեր էր եւ քսանըութը տղայ ու վաթսուն աղջիկ ծնաւ)։ Ռոբովամ՝ Մաաքային որդին Աբիան գլուխ դրաւ, այսինքն իր եղբայրներուն վրայ իշխան կարգեց, քանզի զանիկա թագաւոր ընելու միտք ունէր ։ Խելացութեամբ՝ իր բոլոր տղաքները Յուդայի ու Բենիամինի գաւառներուն պարսպապատ քաղաքներուն մէջ տեղաւորեց եւ անոնց առատ ապրուստ տուաւ ու շատ կիներ փնտռեց։ Երբ Ռոբովամին թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ ու ինք զօրացաւ, Տէրոջը օրէնքը թողուց ու անոր հետ բոլոր Իսրայէլն ալ։ Ռոբովամ թագաւորին հինգերորդ տարին Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ ելաւ (քանզի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն ըրեր էին)։ Անիկա հազար երկու հարիւր կառքով ու վաթսուն հազար ձիաւորով եկաւ ու անոր հետ Եգիպտոսէն եկած ժողովուրդը անթիւ էր՝ այսինքն Լիբէացիները, Սովկիացիներն ու Եթովպիացիները։ Յուդայի պարսպապատ քաղաքները առաւ ու մինչեւ Երուսաղէմ եկաւ։ Սեմայիա մարգարէն եկաւ Ռոբովամին ու Յուդային իշխաններուն, որոնք Սիսակին երեսէն Երուսաղէմ հաւաքուեր էին ու անոնց ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք զիս թողուցիք, ես ալ ձեզ Սիսակին ձեռքը կը թողում’»։ Իսրայէլի իշխանները, նաեւ թագաւորը խոնարհեցան ու ըսին. «Տէրը արդար է»։ Երբ Տէրը անոնց խոնարհիլը տեսաւ, Տէրոջը խօսքը Սեմայիային եղաւ՝ ըսելով. «Անոնք խոնարհեցան. ուստի պիտի չկորսնցնեմ զանոնք, հապա անոնց քիչ մը ազատութիւն պիտի տամ ու իմ բարկութիւնս Սիսակին ձեռքով Երուսաղէմի վրայ պիտի չթափի։ Սակայն անոր ծառաներ պիտի ըլլան, որպէս զի իմ ծառայութեանս ու երկրի թագաւորներուն ծառայութեանը տարբերութիւնը գիտնան»։ Եգիպտոսի Սիսակ թագաւորը Երուսաղէմի վրայ յարձակեցաւ եւ Տէրոջը տանը գանձերն ու թագաւորին տանը գանձերը առաւ, ամէնքն ալ առաւ, Սողոմոնին շինած ոսկիէ ասպարներն ալ առաւ։ Եւ Ռոբովամ թագաւորը անոնց տեղ պղնձէ ասպարներ շինեց ու զանոնք թագաւորական տանը դուռը պահպանութիւն ընող սուրհանդակներուն ոստիկաններուն ձեռքը յանձնեց։ Երբ թագաւորը Տէրոջը տունը կ’երթար, սուրհանդակները կու գային, զանոնք կը կրէին ու ետքը զանոնք սուրհանդակներուն խուցը կը դարձնէին։ Ուստի, քանի որ խոնարհեցաւ, Տէրոջը բարկութիւնը անկէ դարձաւ ու զանիկա բոլորովին չկորսնցուց, վասն զի Յուդայի մէջ աղէկ բաներ կային։ Ռոբովամ թագաւորը Երուսաղէմի մէջ զօրացաւ ու թագաւորութիւն ըրաւ ու երբ Ռոբովամ թագաւորեց՝ քառասունըմէկ տարեկան էր։ Տասնըեօթը տարի թագաւորութիւն ըրաւ Երուսաղէմի մէջ, այսինքն այն քաղաքին մէջ՝ որ Տէրը Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն ընտրեց՝ իր անունը հոն դնելու համար ու անոր մայրը Ամմոնացի էր Նաամա անունով։ Անիկա չարութիւն ըրաւ ու իր սիրտը չուղղեց, որ Տէրը փնտռէ։ Ռոբովամի առաջին ու վերջին գործերը ահա Սեմայիա մարգարէին գրքին ու Ադդով տեսանողին ազգաբանութեանը մէջ գրուած են։ Ռոբովամին ու Յերոբովամին մէջտեղ միշտ պատերազմ կար։ Ռոբովամ իր հայրերուն հետ քնացաւ եւ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ ու անոր տեղ անոր որդին Աբիան թագաւոր եղաւ։ Յերոբովամ թագաւորին տասնըութերորդ տարին Յուդայի վրայ Աբիան թագաւորեց։ Անիկա Երուսաղէմի մէջ երեք տարի թագաւորութիւն ըրաւ եւ անոր մայրը՝ Միքայիա՝ Գաբաացի Ուրիէլին աղջիկն էր. Աբիային ու Յերոբովամին մէջտեղ պատերազմ կար։ Աբիան զօրաւոր ու պատերազմող զօրքերով՝ չորս հարիւր հազար ընտիր մարդոցմով պատերազմելու պատրաստուեցաւ։ Յերոբովամ ալ անոր դէմ ելաւ ութ հարիւր հազար ընտիր, զօրաւոր ու պատերազմող մարդոցմով։ Եւ Աբիա Եփրեմին լեռնակողմը Սեմարիմ լերան վրայ կանգնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յերոբովամ ու բոլոր Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէք. Դուք գիտնալու չէ՞ք թէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Իսրայէլի վրայ թագաւորելը՝ յաւիտեան Դաւիթի ու անոր որդիներուն տուած է աղի ուխտով։ Բայց Դաւիթին որդիին Սողոմոնին ծառան՝ Նաբատեան Յերոբովամը ոտքի ելաւ ու իր տիրոջմէն ապստամբեցաւ։ Անոր քով դատարկապորտ ու անօրէն մարդիկ հաւաքուեցան ու Սողոմոնին որդիին Ռոբովամին դէմ կեցան. քանզի Ռոբովամ մանկահասակ ու փափկասիրտ ըլլալով՝ անոնց դէմ չդրաւ։ Հիմա դուք շատուոր ըլլալնուդ համար ու Յերոբովամին ձեզի շինած աստուածներուն, այն ոսկիէ հորթերուն, ձեր քով ըլլալուն համար, Դաւիթին որդիներուն ձեռքը եղող Տէրոջը թագաւորութեանը դէմ կենալ կը մտածէք։ Միթէ դուք Տէրոջը քահանաները՝ Ահարոնին որդիներն ու Ղեւտացիները դուրս չըրի՞ք եւ որիշ երկիրներու ժողովուրդներուն պէս ձեզի քուրմեր չըրի՞ք այն բոլոր մարդիկը, որոնք մէկ զուարակով ու եօթը խոյերով կու գային զիրենք նուիրելու, որպէս զի չաստուածներու քուրմ ըլլան։ Բայց մեր Աստուածը Եհովան է։ Մենք զանիկա չթողուցինք եւ Տէրոջը ծառայութիւն ընող քահանաները Ահարոնին որդիներն են ու Ղեւտացիները իրենց պաշտօնին վրայ են։ Ամէն առտու ու ամէն իրիկուն Տէրոջը ողջակէզներ կը մատուցանեն ու անուշահոտ խունկ կը ծխեն ու մաքուր սեղանին վրայ առաջաւորութեան հացերը կը շարեն եւ ամէն իրիկուն վառելու համար ոսկիէ աշտանակն ու անոր ճրագները կը պատրաստեն. քանզի մենք մեր Տէր Աստուծոյն պահպանութիւնը կը պահենք, բայց դուք զանիկա մերժեցիք։ Ահա Աստուած ինք մեզի հետ է՝ մեր իշխանը ըլլալու. նաեւ անոր քահանաները ազդարարութեան փողերով, որպէս զի ձեզի դէմ հնչեցնեն. ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն հետ մի՛ պատերազմիք. քանզի դուք յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։ Բայց Յերոբովամ դարանակալներ ղրկեց, որպէս զի անոնց ետեւէն գան. այնպէս որ Իսրայելացիները Յուդայեաններուն առջեւն էին ու դարանակալները անոնց ետեւն էին։ Յուդայեանները նայեցան, որ պատերազմը իրենց առջեւէն ու ետեւէն էր ու Տէրոջը աղաղակեցին եւ քահանաները փողերը հնչեցուցին։ Յուդայի մարդիկը աղաղակ բարձրացուցին ու երբ Յուդայի մարդիկը աղաղակեցին, Աստուած Յերոբովամն ու բոլոր Իսրայէլը Աբիային ու Յուդային առջեւ զարկաւ։ Իսրայէլի որդիները Յուդայի առջեւէն փախան։ Աստուած անոնց ձեռքը մատնեց զանոնք։ Աբիան ու իր զօրքը մեծ կոտորած ըրին անոնց մէջ։ Իսրայէլէն հինգ հարիւր հազար ընտիր մարդիկ սպաննուած ինկան։ Այն ատեն Իսրայելացիները նուաճուեցան ու Յուդայի որդիները իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն ապաւինելնուն համար ոյժ գտան։ Աբիան Յերոբովամը հալածեց ու անկէ քաղաքներ առաւ՝ Բեթէլն ու անոր գիւղերը եւ Յեսանան ու անոր գիւղերը եւ Եփրոնն ու անոր գիւղերը։ Յերոբովամ Աբիային օրերուն մէջ անգամ մըն ալ չկրցաւ ոյժ գտնել։ Տէրը զանիկա զարկաւ ու մեռցուց։ Աբիան ուժովցաւ ու իրեն տասնըչորս կին առաւ։ Քսանըերկու տղայ ու տասնըվեց աղջիկ ծնաւ։ Աբիային մնացորդ պատմութիւնը եւ անոր գործերն ու խօսքերը Ադդով մարգարէին յիշատակարանին մէջ գրուած են։ Աբիան իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ասան թագաւոր եղաւ։ Ասոր օրերը երկիրը տասը տարի հանգստութիւն գտաւ։ Ասա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի եւ ուղիղ եղածը ըրաւ։ Օտար աստուածներուն սեղաններն ու բարձր տեղերը վերցուց եւ արձանները կոտրտեց ու Աստարովթին կուռքերը կտոր կտոր ըրաւ։ Յուդային հրամայեց, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը փնտռեն ու օրէնքն ու պատուիրանքները կատարեն։ Յուդային բոլոր քաղաքներէն բարձր տեղերը ու արեգակին նուիրուած կուռքերը վերցուց ու թագաւորութիւնը հանգստացուց։ Անիկա Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ շինեց. քանզի այն տարիներուն մէջ երկիրը հանգստութիւն կը վայելէր ու անոր հետ պատերազմ ընող չկար, վասն զի Տէրը անոր հանգստութիւն տուաւ։ Ասա Յուդային ըսաւ. «Այս երկիրը քանի որ մեր իշխանութեան տակն է՝ ՝, նոր քաղաքներ շինենք ու զանոնք պարիսպներով, աշտարակներով, դռներով ու նիգերով շրջապատենք. քանզի մենք մեր Աստուածը փնտռեցինք ու ատոր համար ամէն կողմէ մեզի հանգստութիւն տուաւ։ Զանոնք շինեցին ու յաջողութիւն գտան։ Ասա Յուդայէն՝ վահան ու նիզակ կրող երեք հարիւր հազար զօրք ու Բենիամինէն ասպար կրող ու աղեղ քաշող երկու հարիւր ութսուն հազար զօրք ունէր։ Ասոնք ամէնքը զօրաւոր կտրիճներ էին։ Եթովպիացի Զարա մէկ միլիոն զօրքով եւ երեք հարիւր կառքով անոնց վրայ յարձակեցաւ ու մինչեւ Մարեսա եկաւ։ Ասա անոր դէմ ելաւ ու Մարեսայի Սեփաթա ձորին մէջ պատերազմը շարուեցաւ։ Ասա իր Տէր Աստուծոյն աղաղակեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, քու առջեւդ տարբերութիւն մը չկայ թէ՛ շատով եւ թէ՛ քիչով օգնութիւն ընելու մէջ։ Մեզի օգնութիւն ըրէ՛, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որովհետեւ քեզի ապաւինեցանք ու այս բազմութեան վրայ քու անունովդ եկանք։ Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը դուն ես. մի՛ թողուր, որ մարդը քեզի դէմ զօրանայ»։ Տէրը Եթովպացիները Ասային ու Յուդային առջեւ զարկաւ։ Եթովպացիները փախան։ Ասա ու անոր հետ եղող ժողովուրդը զանոնք մինչեւ Գերարա հալածեցին։ Եթովպացիները ինկան եւ անոնց վրայ կենդանութիւն չմնաց. քանզի Տէրոջը առջեւ ու անոր բանակին առջեւ խորտակուեցան։ Յուդայեանները խիստ շատ աւար առին Եւ Գերարայի բոլորտիքը եղող բոլոր քաղաքները զարկին. քանզի անոնց վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու բոլոր քաղաքները կողոպտեցին, վասն զի անոնց մէջ շատ աւար կար։ Հօտերուն վրաններն ալ զարկին ու խիստ շատ ոչխար եւ ուխտ առնելով՝ Երուսաղէմ դարձան։ Ովդեդի որդիին Ազարիային վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ Եւ Ասային առջեւ ելլելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ Ասա ու բոլոր Յուդա ու Բենիամին, ինծի մտիկ ըրէք. Տէրը ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք ու եթէ զանիկա փնտռէք, զանիկա պիտի գտնէք. բայց եթէ զանիկա թողուք, անիկա ալ ձեզ պիտի թողու։ Իսրայէլ երկար ժամանակ առանց ճշմարիտ Աստուծոյ, առանց սորվեցնող քահանայի ու առանց օրէնքի մնացեր էր. Բայց իրենց նեղութեանը մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ դարձան ու զանիկա փնտռելով գտան։ Այն ատենները ելլողին ու մտնողին ապահովութիւն չկար. քանզի երկիրներուն բոլոր բնակիչներուն մէջ շատ խռովութիւններ կային։ Ազգ ազգի հետ ու քաղաք քաղաքի հետ կը զարնուէր. վասն զի Աստուած ամէն նեղութիւններով զարհուրեցուց զանոնք։ Եւ հիմա դուք զօրացէ՛ք ու ձեռքերնիդ չթուլնայ. վասն զի ձեր գործին վարձք կայ»։ Ասա այս խօսքերն ու Ովդէդ մարգարէին մարգարէութիւնները լսելով՝ զօրացաւ եւ Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր երկրէն ու Եփրեմի լեռնէն իր առած քաղաքներէն պղծութիւնները վերցուց ու Տէրոջը տաճարին սրահին առջեւը եղող սեղանը նորոգեց։ Յուդայէն ու Բենիամինէն ու Եփրեմէն եւ Մանասէէն ու Շմաւոնէն անոնց քով գտնուած պանդուխտները հաւաքեց. քանզի Իսրայէլէն շատ մարդիկ անոր կողմը անցան, տեսնելով որ անոր Տէր Աստուածը անոր հետն է։ Անոնք Ասային թագաւորութեանը տասնըհինգերորդ տարիին երրորդ ամսուն Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան Ու այն օրը իրենց բերած աւարէն Տէրոջը զոհ ըրին, եօթը հարիւր արջառ ու եօթը հազար ոչխար Եւ ուխտ ըրին, որ իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով փնտռեն Եւ ով որ Իսրայէլի Տէր Աստուածը չփնտռէ, թէ՛ պզտիկ եւ թէ՛ մեծ, թէ՛ այր եւ թէ՛ կին ըլլայ՝ պիտի մեռցուի։ Մեծ ձայնով եւ ցնծութեան աղաղակով ու փողերով ու շեփորներով Տէրոջը երդում ըրին։ Բոլոր Յուդան այն երդումին վրայ ուրախացաւ. քանզի իրենց բոլոր սրտովը երդում ըրին ու իրենց բոլոր կամքովը փնտռելով՝ գտան զանիկա։ Տէրը ամէն կողմանէ հանգստացուց զանոնք։ Ասա թագաւորը իր մայրը՝ Մաաքան ալ տիկնութենէ հանեց, վասն զի անիկա Աստարովթի կուռք շիներ էր։ Ասա անոր կուռքն ալ կոտրտեց ու փշրեց ու Կեդրոն հեղեղատին մէջ այրեց։ Բայց բարձր տեղերը Իսրայէլէն չվերցուեցան. սակայն Ասային սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ ուղիղ էր։ Իր հօրն ու իր նուիրած բաները, արծաթն ու ոսկին ու անօթները, Աստուծոյ տունը տարաւ։ Մինչեւ Ասային թագաւորութեան երեսունըհինգերորդ տարին պատերազմ չեղաւ։ Ասային թագաւորութեան երեսունըվեցերորդ տարին Իսրայէլի Բաասա թագաւորը Յուդային դէմ ելաւ ու Ռաման շինեց, որպէս զի չթողու որ Յուդայի Ասա թագաւորին քով մարդ մտնէ ու ելլէ։ Ասա Տէրոջը տանն ու թագաւորին տանը գանձերէն արծաթ ու ոսկի հանեց ու Դամասկոս բնակող Ասորիներու թագաւորին՝ Բենադադին ղրկեց՝ ըսելով. «Իմ ու քու մէջտեղ դաշինք կայ։ Ահա քեզի արծաթ ու ոսկի կը ղրկեմ. եկո՛ւր, Իսրայէլի Բաասա թագաւորին հետ ունեցած դաշինքդ աւրէ, որպէս զի անիկա իմ վրայէս ետ քաշուի»։ Բենադադ Ասա թագաւորին խօսքին մտիկ ըրաւ եւ իր զօրագլուխները Իսրայէլի քաղաքներուն վրայ ղրկեց ու Իյօնը, Դանը, Աբէլմայիմն ու Նեփթաղիմին բոլոր շտեմարանի քաղաքները զարկին։ Բաասա այս բանը լսելով՝ Ռաման շինելէն ետ կեցաւ ու գործը դադրեցուց։ Ուստի Ասա թագաւորը բոլոր Յուդան առաւ ու Բաասային շինած Ռամայի քարերն ու փայտերը վերցուցին ու անոնցմով Գաբան ու Մասփան շինեցին։ Այն ատեն Անանի տեսանողը Յուդային Ասա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Քանի որ Ասորիներուն թագաւորին ապաւինեցար ու քու Տէր Աստուծոյդ չ’ապաւինեցար, անոր համար Ասորիներուն թագաւորին զօրքը քու ձեռքէդ ազատեցաւ։ Միթէ Եթովպիացիներն ու Լիբէացիները խիստ շատ կառքերով ու ձիաւորներով բազմաթիւ զօրք չէի՞ն. բայց որովհետեւ դուն Տէրոջը ապաւինեցար՝ զանոնք քու ձեռքդ մատնեց. Քանզի Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ։ Դուն այդ բանին մէջ անմտութիւն ըրիր. ասկէ ետքը պատերազմներ պիտի ունենաս»։ Ասա՝ տեսանողին սրդողեցաւ ու զանիկա բանտը դրաւ, վասն զի այս բանին համար խիստ բարկացաւ անոր։ Այն ատեն Ասա ժողովուրդէն մէկ քանիներ հարստահարեց։ Եւ Ասայի առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած է։ Ասա իր թագաւորութեանը երեսունըիններորդ տարին ոտքի ցաւով հիւանդացաւ ու անոր հիւանդութիւնը ծանրացաւ եւ իր հիւանդութեանը մէջ ալ Տէրը չփնտռեց, հապա բժիշկներ փնտռեց ։ Ասա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու անիկա իր թագաւորութեան քառասունըմէկերորդ տարին մեռաւ։ Զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ իրեն համար փորուած գերեզմանը թաղեցին եւ զանիկա խունկերով ու իւղագործի արուեստին զանազան բաղադրութիւններովը լեցուն անկողինի մը մէջ պառկեցուցին ու անոր վրայ խիստ շատ խունկեր ծխեցին։ Անոր տեղը անոր որդին Յովսափատը թագաւոր եղաւ ու Իսրայէլին դէմ զօրացաւ։ Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զօրքեր դրաւ ու Յուդայի երկրին մէջ ու անոր հօրը Ասային առած Եփրեմին քաղաքներուն մէջ բերդապահ զօրքեր դրաւ։ Տէրը Յովսափատին հետ էր. քանզի անիկա իր հօրը Դաւիթին ճամբաներուն մէջ քալեց ու Բահաղիմը չփնտռեց, Հապա իր հօրը Աստուածը փնտռեց, անոր պատուիրանքներուն մէջ քալելով եւ ո՛չ թէ Իսրայէլին պէս ընելով ։ Տէրը թագաւորութիւնը անոր ձեռքին մէջ հաստատեց ու բոլոր Յուդան Յովսափատին ընծաներ կը բերէր։ Անոր հարստութիւնն ու փառքը շատցաւ։ Անոր սիրտը Տէրոջը ճամբաներուն մէջ զօրացաւ։ Անիկա բարձր տեղերն ու Աստարովթին կուռքերն ալ Յուդայէն վերցուց։ Իր թագաւորութեան երրորդ տարին իր իշխանները՝ Բենհայիլը, Աբդիան, Զաքարիան, Նաթանայէլը ու Միքիան՝ ղրկեց, որպէս զի Յուդային քաղաքներուն մէջ սորվեցնեն։ Անոնց հետ էին Սեմայիա, Նաթանիա, Զաբադիա, Ասայէլ, Սեմիրամովթ, Յովնաթան, Ադոնիա, Տուբիա ու Տոբադոնիա Ղեւտացիները. նաեւ անոնց հետ՝ Եղիսամա ու Յովրամ քահանաները։ Յուդայի մէջ կը սորվեցնէին ու Տէրոջը օրէնքի գիրքը անոնց հետ էր։ Յուդայի բոլոր քաղաքները կը պտըտէին ու ժողովուրդին կը սորվեցնէին։ Յուդային բոլորտիքը եղող երկիրներուն բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ Տէրոջը վախը ինկաւ ու Յովսափատին հետ պատերազմ չըրին։ Փղշտացիներէն ալ Յովսափատին ընծաներ ու տուրք բերին։ Արաբացիներն ալ հօտերէն եօթը հազար եօթը հարիւր խոյ ու եօթը հազար եօթը հարիւր նոխազ բերին անոր։ Յովսափատ երթալով խիստ մեծցաւ ու Յուդայի մէջ բերդեր ու շտեմարանի քաղաքներ շինեց։ Անիկա Յուդայի քաղաքներուն մէջ շատ գործեր ունէր ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր կտրիճներ ու պատերազմող մարդիկ ունէր ։ Այս էր անոնց թիւը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ. Յուդայի հազարապետները՝ Եդնա իշխանը ու անոր հետ երեք հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ։ Անկէ ետքը Յօհանա իշխանը ու անոր հետ երկու հարիւր ութսուն հազար մարդիկ։ Անկէ ետքը Զեքրիի որդին Ամասիան, որ Տէրոջը ուխտաւորն էր ու անոր հետ երկու հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ. Բենիամինէն զօրաւոր կտրիճ Եղիադան եւ անոր հետ երկու հարիւր հազար աղեղնաւոր ու ասպարաւոր մարդիկ. Անկէ ետքը Յովզաբադն ու անոր հետ հարիւր ութսուն հազար սպառազինեալ մարդիկ։ Ասոնք էին թագաւորին ծառայութիւն ընողները, բացի այն մարդոցմէ, որոնք թագաւորը բոլոր Յուդայի պարսպապատ քաղաքներուն մէջ դրաւ։ Յովսափատ խիստ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ եւ Աքաաբին հետ խնամութիւն ըրաւ։ Մէկ քանի տարի ետքը Սամարիա գնաց Աքաաբին։ Աքաաբ անոր ու անոր հետ եղող ժողովուրդին խիստ շատ ոչխարներ ու արջառներ մորթեց ու զանիկա համոզեց, որ Ռամովթ-Գաղաադ երթայ։ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը Յուդայի Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Ինծի հետ Ռամովթ-Գաղաադ կ’երթա՞ս»։ Յովսափատ ըսաւ. «Ես քեզի պէս եմ ու իմ ժողովուրդս քու ժողովուդիդ պէս է։ Քեզի հետ պատերազմի երթանք »։ Յովսափատ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Նախ Տէրոջը կամքը հարցուր»։ Իսրայէլի թագաւորը մարգարէները հաւաքեց, որոնք չորս հարիւր հոգի էին ու անոնց ըսաւ. «Ռամովթ-Գաղաադի վրայ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենամ»։ Անոնք ըսին. «Գնա՛, վասն զի Աստուած զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։ Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը ուրիշ մարգարէ մըն ալ չկա՞յ, որպէս զի անոր ալ հարցնենք»։ Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Ուրիշ մարդ մըն ալ կայ, որուն միջոցով կրնանք Տէրոջը հարցնել, բայց ես զանիկա կ’ատեմ, քանզի ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա՝ միշտ գէշ. անիկա Յեմլային որդին Միքիան է»։ Յովսափատ ըսաւ. «Թագաւորը այդպէս թող չխօսի»։ Իսրայէլի թագաւորը ներքինի մը կանչեց ու ըսաւ. «Յեմլային որդին Միքիան շուտով հոս բեր»։ Իսրայէլի թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը, Սամարիային դրանը առջեւի հրապարակին մէջ, ամէն մէկը փառաւոր զգեստներ հագած, իր աթոռին վրայ նստեր էր ու բոլոր մարգարէները անոնց առջեւ մարգարէութիւն կ’ընէին։ Քանանային որդին Սեդեկիան իրեն երկաթէ եղջիւրներ շինեց ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասորիները ասոնցմով պիտի զարնես, մինչեւ որ զանոնք բնաջինջ ընես’»։ Բոլոր մարգարէներն ալ այնպէս կը մարգարէանային ու կ’ըսէին. «Ռամովթ-Գաղաադ ելի՛ր ու յաջողութիւն պիտի ունենաս եւ Տէրը զանիկա թագաւորին ձեռքը պիտի տայ»։ Միքիան կանչելու գացող մարդը խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Ահա բոլոր մարգարէները մէկ բերնով թագաւորին համար նպաստաւոր խօսեցան. թող քու խօսքդ ալ անոնց մէկուն խօսքին պէս ըլլայ»։ Իսկ Միքիա ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ իմ Աստուածս ինծի ինչ որ ըսէ, այն պիտի ըսեմ»։ Երբ անիկա թագաւորին գնաց, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Միքիա, Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու երթա՞նք, թէ ետ կենանք»։ Անիկա ըսաւ. «Ելէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք ու ձեր ձեռքը պիտի տրուին»։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Մինչեւ քանի՞ անգամ երդմնցնեմ քեզ, որպէս զի Տէրոջը անունովը ճշմարիտը միայն խօսիս ինծի»։ Անիկա ըսաւ. «Բոլոր Իսրայէլը հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս լեռներու վրայ ցրուած տեսայ եւ Տէրը ըսաւ. «‘Ասոնք տէր չունին’. ամէն մարդ խաղաղութեամբ թող իր տունը դառնայ»։ Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Քեզի չըսի՞ թէ անիկա ինծի համար աղէկ մարգարէութիւն չ’ըներ, հապա գէշ»։ Միքիա ըսաւ. «Ուրեմն Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէք. Տէրը իր աթոռին վրայ նստած տեսայ ու երկնքի բոլոր զօրքերը անոր աջ կողմը ու ձախ կողմը կայներ էին Եւ Տէրը ըսաւ. ‘Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ո՞վ կրնայ խաբել, որպէս զի Ռամովթ-Գաղաադ ելլէ ու կորսուի’։ Մէկը այսպէս ու միւսը այնպէս ըսաւ։ Ու ոգի մը ելաւ եւ Տէրոջը առջեւ կայնեցաւ ու ըսաւ. ‘Զանիկա ես կը խաբեմ’։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Ի՞նչ միջոցով’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ելլեմ ու անոր բոլոր մարգարէներուն բերանը սուտ ոգի դնեմ’։ Տէրը անոր ըսաւ. ‘Դուն պիտի խաբես ու պիտի յաջողիս։ Ելի՛ր ու այնպէս ըրէ՛’։ Ահա Տէրը այս քու մարգարէներուդ բերանը սուտ ոգի դրեր է. Տէրը քեզի համար չարիք խօսեցաւ»։ Այն ատեն Քանանային որդին Սեդեկիան մօտեցաւ ու Միքիային ծնօտին զարկաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը Հոգին ի՞նչպէս իմ քովէս ելաւ՝ քեզի հետ խօելու համար»։ Միքիան ըսաւ. «Դուն ալ պիտի տեսնես այն օրը որ պահուելու համար սենեակէ սենեակ պիտի մտնես»։ Թագաւորը ըսաւ. «Միքիան առէք ու զանիկա Ամոն քաղաքապետին եւ թագաւորին որդիին Յովասին տարէք Ու ըսէք՝ թագաւորը այսպէս կըսէ. ‘Զանիկա բանտը դրէք։ Մինչեւ որ ես խաղաղութեամբ դառնամ, զանիկա նեղութեան հացով ու նեղութեան ջրով կերակրեցէ՛ք’»։ Միքիան ըսաւ. «Եթէ երբեք խաղաղութեամբ դառնաս, Տէրը ինծմով խօսած չըլլայ» ու ըսաւ. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ամէնքդ ալ լսեցէ՛ք»։ Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորը ու Յուդայի Յովսափատ թագաւորը Ռամովթ-Գաղաադ ելան։ Իսրայէլի թագաւորը Յովսափատին ըսաւ. «Կերպարանքս պիտի փոխեմ ու այնպէս պատերազմի պիտի մտնեմ. բայց դուն քու հագուստդ հագիր»։ Իսրայէլի թագաւորը իր կերպարանքը փոխեց ու պատերազմի մէջ մտան։ Ասորիներուն թագաւորը իր կառքերու պետին պատուիրեց ու ըսաւ. «Պզտիկի կամ մեծի հետ մի՛ պատերազմիք, բայց միայն Իսրայէլի թագաւորին հետ»։ Ու երբ կառքերու իշխանները Յովսափատը տեսան՝ «Իսրայէլի թագաւորը ասիկա է», ըսելով, անոր դէմ պատերազմելու գացին։ Յովսափատ աղաղակեց ու Տէրը իրեն օգնութիւն ըրաւ եւ Աստուած զանոնք իրմէ դարձուց։ Երբ կառքերու իշխանները տեսան թէ անիկա Իսրայէլի թագաւորը չէ, անկէ ետ դարձան։ Եւ մարդ մը առանց դիտելու՝ ՝ իր աղեղը քաշեց ու Իսրայէլի թագաւորը զրահին օղակներուն մէջէն՝ ՝ զարկաւ. այն ատեն անիկա իր կառավարին ըսաւ. «Ձեռքդ դարձուր ու զիս բանակէն հանէ, քանզի վիրաւորուեցայ»։ Այն օրը պատերազմը սաստկացաւ ու Իսրայէլի թագաւորը մինչեւ իրիկուն Ասորիներուն դէմ իր կառքին մէջ կեցաւ ու արեւուն մարը մտած ատենը մեռաւ։ Յուդայի Յովսափատ թագաւորը խաղաղութեամբ Երուսաղէմ իր տունը դարձաւ։ Անանիին որդին Յէու տեսանողը անոր դէմ ելաւ ու Յովսափատ թագաւորին ըսաւ. «Պէ՞տք էր որ մեղաւորին օգնէիր ու Տէրը ատողները սիրէիր։ Ահա ասոր համար Տէրը քեզի դէմ բարկացած է։ Բայց քու վրադ բարի բաներ գտնուեցան. քանզի Աստարովթին կուռքերը երկրէն բնաջինջ ըրիր ու քու սիրտդ Աստուած փնտռելու պատրաստեցիր»։ Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ կը բնակէր ու նորէն ելաւ ժողովուրդին մէջ պտըտեցաւ, Բերսաբէէէն մինչեւ Եփրեմին լեռը ու զանոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դարձուց։ Երկրին մէջ բոլոր քաղաքներուն դատաւորներ դրաւ, նոյնպէս Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ։ Դատաւորներուն ըսաւ. «Նայեցէ՛ք թէ ի՛նչ կ’ընէք, քանզի ձեր դատաստանը մարդու չվերաբերիր, հապա Տէրոջը, որ դատաստանի մէջ ձեզի հետ է։ Ուրեմն Տէրոջը վախը ձեր վրայ ըլլայ, զգուշութեամբ գործեցէք. քանզի մեր Տէր Աստուծոյն քով անիրաւութիւն, աչառութիւն ու կաշառք չկայ»։ Յովսափատ Երուսաղէմի մէջ ալ որոշ թուով Ղեւտացիներ ու քահանաներ ու Իսրայէլէն նահապետներ որոշեց՝ Տէրոջը դատաստանին եւ վիճելի հարցերը վճռելու համար։ Անոնք Երուսաղէմ դարձան։ Անոնց պատուէր տուաւ ու ըսաւ. «Տէրոջը վախովը, հաւատարմութեամբ եւ ուղիղ սրտով ըրէք։ Երբ քաղաքներուն մէջ բնակող ձեր եղբայրներէն դատ մը գայ ձեր առջեւ՝ թէ՛ արիւնահեղութեան, թէ՛ օրէնքի ու պատուիրանքի եւ թէ՛ կանոններու եւ օրէնքներու, անոնց խրատ տուէք, որ Տէրոջը դէմ յանցանք չգործեն. որպէս զի ձեր վրայ ու ձեր եղբայրներուն վրայ բարկութիւն չգայ։ Այսպէս ըրէք, որպէս զի յանցաւոր չըլլաք։ Ահա Տէրոջը ոեւէ գործի համար Ամարիա մեծ քահանան ձեր առաջնորդն է ու թագաւորին ոեւէ գործի համար Յուդային տանը իշխանը Իսմայէլին որդին Զաբադիան ու ձեր առջեւէն Ղեւտացիները ոստիկաններ են։ Զօրացէք ու այսպէս ըրէք ու Տէրը բարիին հետ պիտի ըլլայ»։ Ասկէ ետքը Մովաբի որդիները ու Ամմոնին որդիները ու անոնց հետ Ամմոնացիներէն ալ Յովսափատին հետ պատերազմելու եկան։ Քանի մը հոգի գացին ու Յովսափատին պատմեցին ու ըսին. «Քու վրադ ծովուն անդիի կողմէն Ասորիներուն մէջէն մեծ բազմութիւն կու գայ։ Անոնք Ասասանթամարի (այսինքն Ենգադդիի) մէջ են»։ Յովսափատ վախցաւ ու Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ՝ ՝ եւ բոլոր Յուդայի մէջ ծոմապահութիւն քարոզեց։ Յուդայեանները հաւաքուեցան որպէս զի Տէրոջմէ օգնութիւն խնդրեն ու Յուդային բոլոր քաղաքներէն ալ եկան։ Յովսափատ Տէրոջը տանը մէջ, նոր գաւիթին առջեւ, Յուդային ու Երուսաղէմին ժողովուրդին մէջ կեցաւ Ու ըսաւ. «Ո՛վ մեր հայրերուն Տէր Աստուածը, դուն այն Աստուածը չե՞ս որ երկինքը կը բնակիս ու բոլոր ազգերուն թագաւորութիւններուն վրայ կը տիրես եւ քու ձեռքիդ մէջ այնպիսի զօրութիւն եւ ոյժ մը կայ, որ բնաւ մէկը չի կրնար քեզի դէմ դնել։ Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, այս երկրին բնակիչները քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ առջեւէն վռնտեցիր ու զանիկա յաւիտեան քու սիրելիիդ, Աբրահամին սերունդին տուիր։ Անոնք հոն բնակեցան ու հոն քու անուանդ համար քեզի սրբարան մը շինեցին ու ըսին. ‘Եթէ մեր վրայ չարիք, սուր, դատաստան, ժանտախտ, կամ սով գայ, մենք այս տանը առջեւ ու քու առջեւդ կենանք (վասն զի այս տանը մէջ քու անունդ կայ) ու մեր նեղութեան ատենը քեզի աղաղակենք, այն ատեն լսես ու մեզ ազատես’։ Ահա Ամմոնին ու Մովաբին որդիները ու Սէիր լերանը բնակիչները ՝ որոնց մէջ մտնելու հրաման չտուիր Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելած ատենը, հապա անոնցմէ խոտորեցան ու զանոնք չկորսնցուցին՝ Ահա անոնք մեզի հատուցում ընելու համար՝ կու գան մեզ վռնտելու քու ժառանգութենէդ, որ մեզի տուիր։ Ո՛վ մեր Աստուածը, անոնց դատաստան չե՞ս ըներ. քանզի մեր վրայ եկող այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չունինք ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք. ուստի մեր աչքերը քեզի կ’ուղղենք»։ Բոլոր Յուդայեանները իրենց ընտանիքներովը, կիներովն ու տղաքներովը Տէրոջը առջեւ կեցեր էին։ Այն ատեն Ասափին որդիներէն Ղեւտացի Մաթանիային որդիին Յէիէլին որդիին Բանիային որդիին Զաքարիային որդիին Յազիէլին վրայ Տէրոջը Հոգին եկաւ ժողովուրդին մէջ Ու անիկա ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ ու դո՛ւն, Յո՛վսափատ թագաւոր, մտիկ ըրէ՛ք, Տէրը ձեզի այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք մի՛ վախնաք ու այս մեծ բազմութեանը երեսէն մի՛ զարհուրիք, քանզի պատերազմը ձերը չէ, հապա Աստուծոյն է’։ Վաղը անոնց վրայ իջէ՛ք. ահա անոնք Ասիսի զառիվերէն պիտի ելլեն։ Զանոնք հեղեղատին ծայրը, Յերուէլին անապատին առջեւ, պիտի գտնէք։ Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք։ Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմ. մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վաղը անոնց դէմ ելէ՛ք ու Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։ Այն ատեն Յովսափատ երեսը գետինը ծռեց ու բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները Տէրոջը առջեւ երեսի վրայ ինկան ու Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։ Կահաթեաններու որդիներէն ու Կորխեաններու որդիներէն եղող Ղեւտացիները Իսրայէլի Տէր Աստուածը խիստ բարձր ձայնով օրհնեցին։ Առաւօտուն կանուխ ելան ու Թեկուէի անապատը գացին։ Անոնց երթալու ատենը Յովսափատ կեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէք. ձեր Տէր Աստուծոյն հաւատացէք ու ապահով պիտի ըլլաք։ Անոր մարգարէներուն հաւատացէ՛ք ու յաջողութիւն պիտի ունենաք»։ Ժողովուրդին հետ խորհուրդ ըրաւ ու Տէրոջը երգողներ որոշեց, որպէս զի զօրքին առջեւէն ելլեն ու Տէրոջը սուրբ փառքը օրհնեն ու ըսեն. «Գոհացէք Տէրոջմէն, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ Երբ անոնք ցնծութեան երգն ու օրհնութիւնը սկսան, Յուդայի վրայ եկող Ամմոնին ու Մովաբին որդիներուն ու Սէիր լերանը բնակիչներուն դէմ Տէրը դարանակալներ հանեց եւ անոնք կոտորուեցան։ Քանզի Ամմոնի ու Մովաբի որդիները Սէիր լերանը բնակիչներուն վրայ յարձակեցան, որպէս զի զանոնք ջարդեն ու բնաջնջեն։ Երբ Սէիրի բնակիչները հատցուցին, մէկզմէկ կոտորելու սկսան։ Յուդայեանները անապատին մէջ եղող դիտանոցը հասնելով՝ այն բազմութեանը նայեցան եւ ահա անոնց դիակները գետնին վրայ փռուած էին ու ազատուած մը չկար։ Այն ատեն Յովսափատ ու անոր ժողովուրդը անոնց աւարը հաւաքելու գացին ու շատ ապրանք ու պատուական ամաններ գտան ու կողոպտեցին, այնքան որ ալ չէին կրնար տանիլ։ Աւարը երեք օր հաւաքեցին, վասն զի խիստ շատ էր։ Չորրորդ օրը Օրհնութեան Հովիտը հաւաքուեցան ու հոն Տէրը օրհնեցին։ Ատոր համար այն տեղին անունը Օրհնութեան Հովիտ կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։ Բոլոր Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդիկը ու անոնց առաջնորդը Յովսափատ ուրախութեամբ Երուսաղէմ դարձան. քանզի Տէրը զիրենք իրենց թշնամիներէն ազատելով ուրախացուցեր էր Եւ տաւիղներով, քնարներով ու փողերով Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գացին։ Բոլոր երկիրներուն թագաւորութիւններուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ, երբ լսեցին թէ Տէրը Իսրայէլի թշնամիներուն հետ պատերազմեցաւ։ Յովսափատին թագաւորութիւնը խաղաղ էր ու Աստուած զանիկա ամէն կողմանէ հանգստացուց։ Յովսափատ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ըրաւ։ Երեսունըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու քսանըհինգ տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորեց։ Անոր մօրը անունը Ազուբա էր ու Սաղիին աղջիկն էր։ Յովսափատ իր հօրը Ասային ճամբուն մէջ քալեց ու անկէ չխոտորեցաւ՝ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ընելով։ Բայց բարձր տեղերը չվերցուեցան ու ժողովուրդը դեռ սրտերնին լման չէին դարձուցած իրենց հայրերուն Աստուծոյն։ Յովսափատին մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը, ահա Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ յիշուած Անանիին որդիին Յէուին պատմութեանը մէջ գրուած է։ Ասկէ ետքը Յուդայի Յովսափատ թագաւորը՝ չարութիւն ընող Իսրայէլի Ոքոզիա թագաւորին հետ միաբանեցաւ Ու անոր հետ ընկերութիւն ըրաւ, որպէս զի Թարսիս երթալու նաւեր շինեն ու Գասիոն-Գաբերի մէջ նաւեր շինեցին։ Մարեսացի Դօդիային որդին Եղիազարը Յովսափատին վրայ մարգարէութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ դուն Ոքոզիային հետ ընկերացար, Տէրը քու գործդ աւրեց»։ Նաւերը խորտակուեցան ու չկրցան Թարսիս երթալ։ Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ անոր որդին Յովրամը թագաւոր եղաւ։ Յովրամին եղբայրներն էին՝ Ազարիան, Յեքիէլը, Զաքարիան, Ազարիուն, Միքայէլն ու Սափատիան։ Ասոնք ամէնքը Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովսափատին որդիներն էին։ Անոնց հայրը արծաթ ու ոսկի ու թանկագին բաներ, շատ պարգեւներ տուաւ անոնց, նաեւ Յուդայի մէջ պարսպապատ քաղաքներ, բայց թագաւորութիւնը Յովրամին տուաւ, քանզի անդրանիկը ան էր։ Երբ Յովրամ իր հօրը թագաւորութեան աթոռը նստաւ ու զօրացաւ, իր բոլոր եղբայրներն ու Իսրայէլի իշխաններէն մէկ քանիները սրով մեռցուց։ Յովրամ երեսունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ ութը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա Աքաաբին տանը ըրածին պէս Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց (քանզի Աքաաբին աղջիկը անոր կինն էր) ու Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Բայց Տէրը, Դաւիթին հետ ըրած ուխտին համար եւ անոր ու անոր որդիներուն միշտ ճրագ մը տալու խոստումին համար, Դաւիթին տունը կորսնցնել չուզեց։ Ասոր օրերը Եդովմայեցիները Յուդային ձեռքին տակէն ապստամբեցան ու իրենց վրայ թագաւոր մը դրին։ Յովրամ իր իշխաններովն ու բոլոր կառքերովը գիշերով գնաց եւ իր չորս կողմը գտնուող Եդովմայեցիներն ու կառքերու իշխանները զարկաւ։ Բայց Եդովմայեցիները Յուդային ձեռքին տակէն ապստամբ մնացին մինչեւ այսօր։ Այն ատեն Լեբնա ալ անոր ձեռքին տակէն ապստամբեցաւ, քանզի անիկա իր հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էր։ Անիկա Յուդայի լեռներուն վրայ բարձր տեղեր ալ շինեց ու Երուսաղէմին բնակիչներուն պոռնկութիւն ընել տուաւ եւ Յուդան գլխէ հանեց։ Եղիա մարգարէէն անոր թուղթ մը եկաւ, որով կ’ըսէր. «Քու հօրդ Դաւիթին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու հօրդ Յովսափատին ճամբաներէն ու Յուդային Ասա թագաւորին ճամբաներէն չքալեցիր, Հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաներէն քալեցիր եւ Յուդային ու Երուսաղէմին բնակիչներուն՝ Աքաաբին տանը պոռնկութիւններուն պէս պոռնկութիւն ընել տուիր ու նաեւ քեզմէ աղէկ եղող եղբայրներդ, քու հօրդ որդիները մեռցուցիր, Ահա քու ժողովուրդդ, քու որդիներդ ու կիներդ եւ քու բոլոր ստացուածքդ մեծ հարուածով պիտի զարնեմ Ու դուն չարաչար պիտի հիւանդանաս փորի հիւանդութիւնով, մինչեւ որ փորոտիքդ դուրս թափին այն հիւանդութեան պատճառով, որ օրէ օր պիտի սաստկանայ ’»։ Տէրը Յովրամին դէմ գրգռեց Փղշտացիները ու Եթովպիացիներուն մօտերը բնակող Արաբացիները Եւ անոնք Յուդայի վրայ ելան ու զանիկա կողոպտեցին եւ թագաւորին տանը մէջ գտնուած բոլոր ստացուածքը ու անոր որդիներն ու կիներն ալ քշեցին տարին ու անոր որդիներէն միայն անոր պզտիկ որդին Յովաքազը ազատուեցաւ։ Այս բոլոր բաներէն ետքը՝ Տէրը զանիկա այնպիսի փորոտիքի հիւանդութեամբ մը զարկաւ, որ անբժշկելի էր։ Ժամանակի ընթացքին, այսինքն երկու տարիի չափ ժամանակ անցնելէն ետքը, իր հիւանդութենէն փորոտիքը դուրս թափեցան ու չարաչար հիւանդութիւնով մեռաւ։ Ժողովուրդը անոր վրայ խունկեր չծխեցին, ինչպէս անոր հայրերուն վրայ ծխեր էին։ Անիկա թագաւոր եղած ատենը երեսունըերկու տարեկան էր եւ ութը տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա մեռաւ եւ ոեւէ մէկը անոր վրայ չցաւեցաւ՝ ՝։ Զանիկա ալ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց ոչ թէ թագաւորներու գերեզմաններուն մէջ։ Երուսաղէմի բնակիչները անոր տեղ անոր պզտիկ որդին Ոքոզիան թագաւոր ըրին. քանզի Արաբացիներուն հետ բանակը եղող գունդերը բոլոր մեծերը մեռցուցեր էին։ Այսպէս Յուդային Յովրամ թագաւորին որդին Ոքոզիան թագաւորեց։ Ոքոզիան քառասունըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Գոթողիա էր ու Ամրիին աղջիկն էր։ Անիկա ալ Աքաաբին տանը ճամբաներուն մէջ քալեց. քանզի անոր մայրը չարութիւն ընելու խորհուրդ կու տար անոր։ Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ Աքաաբին տանը պէս. վասն զի իր հօրը մեռնելէն ետքը անոնք էին իր խորհրդականները՝ իր կործանման համար։ Անիկա անոնց խորհուրդովը գնաց ու Աքաաբեան Յովրամին, Իսրայէլի թագաւորին հետ Ասորիներուն Ազայէլ թագաւորին վրայ Ռամովթ-Գաղաադ պատերազմելու գնաց։ Ասորիները Յովրամը զարկին։ Եւ անիկա դարձաւ որպէս զի Յեզրայէլի մէջ բժշկուի այն վէրքերէն, որոնք Ասորիները իրեն տուեր էին Ռամովթի մէջ, Ասորիներու Ազայէլ թագաւորին հետ պատերազմ ըրած ատենը։ Յուդայի թագաւորը՝ Յովրամին որդին՝ Ազարիան՝ Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբին որդին Յովրամը տեսնելու, վասն զի անիկա հիւանդ էր։ Ոքոզիային կործանումը Աստուծմէ եղաւ՝ Յովրամին քով երթալովը. վասն զի երբ անիկա հոն գնաց, Նամեսսեան Յէուն դիմաւորելու ելաւ, որ Տէրը օծեր էր Աքաաբին տունը բնաջինջ ընելու համար։ Երբ Յէուն Աքաաբին տանը վրայ Աստուծոյ վճիռը կը գործադրէր, Յուդային իշխանները եւ Ոքոզիային ծառայութիւն ընող Ոքոզիային եղբօրորդիները գտաւ ու զանոնք մեռցուց. Ոքոզիան ալ փնտռեց, որ Սամարիայի մէջ պահուած էր։ Զանիկա բռնեցին եւ Յէուին բերելով մեռցուցին ու թաղեցին, քանզի ըսին. «Ասիկա բոլոր սրտով Տէրը խնդրող Յովսափատին որդին է»։ Ոքոզիային տունէն մէկը չկար՝ որ թագաւորութիւնը պահելու կարող ըլլար։ Իսկ Ոքոզիային մայրը Գոթողիան իր որդիին մեռնիլը տեսնելով՝ ելաւ ու Յուդային տանը բոլոր թագաւորական սերունդը բնաջինջ ըրաւ։ Բայց թագաւորին աղջիկը Յօսաբէէ Ոքոզիային որդին Յովասը առաւ ու թագաւորին սպաննուած որդիներուն մէջէն փախցուց զանիկա եւ անոր դայեակին հետ անկողիններու սենեակին մէջ դրաւ զանիկա ու այսպէս Յովրամ թագաւորին աղջիկը, Յովիադա քահանային կինը Յօսաբէէն, Ոքոզիային քոյրը ըլլալով՝ Գոթողիան պահեց, որ զանիկա չմեռցնէ։ Եւ Յովաս անոնց հետ վեց տարի Աստուծոյ տանը մէջ պահուեցաւ, երբ երկրին վրայ Գոթողիա թագաւորութիւն կ’ընէր։ Եօթներորդ տարին Յովիադա ուժովցաւ, դաշնադրութեամբ իրեն հետ առնելով հարիւրապետները՝ Յերոամին որդին Ազարիան եւ Յօհանանին որդին Իսմայէլը ու Ովբէդին որդին Ազարիան եւ Ադայիային որդին Մաասիան ու Զեքրիին որդին Եղիսափատը։ Անոնք Յուդայի մէջ պտըտեցան ու Յուդայի բոլոր քաղաքներէն Ղեւտացիներն ու Իսրայէլի տոհմերուն իշխանները հաւաքեցին ու Երուսաղէմ եկան։ Բոլոր ժողովուրդը Աստուծոյ տանը մէջ թագաւորին հետ դաշինք կնքեցին ու Յովիադան անոնց ըսաւ. «Ահա թագաւորին որդին թագաւոր պիտի ըլլայ, ինչպէս Տէրը Դաւիթին որդիներուն համար ըսաւ։ Ահա ձեր ընելիքը. ձեր մէկ երրորդ մասը, թէ՛ քահանաներէն եւ թէ՛ Ղեւտացիներէն շաբաթ օրը մտնողները, դռներուն պահպանութիւն պիտի ընեն։ Ու ձեր մէկ երրորդ մասը՝ թագաւորին տունը ու մէկ երրորդ մասը Հիմին դուռը պիտի կենան, բայց բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը գաւիթներուն մէջ թող կայնի. Իսկ Տէրոջը տունը՝ քահանաներէն ու ծառայութիւն ընող Ղեւտացիներէն զատ ուրիշ մարդ պիտի չմտնէ։ Անոնք պիտի մտնեն, քանզի անոնք սուրբ են եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը հրամանը պիտի կատարէ։ Ղեւտացիները՝ ամէն մարդ իր զէնքը ձեռքը բռնած՝ թագաւորին շուրջը պիտի կենան։ Տունը մտնողը պիտի մեռցուի։ Անոնք թագաւորին հետ պիտի ըլլան անոր մտած ու ելած ատենը»։ Ու Ղեւտացիներն ու բոլոր Յուդան Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Ամէն մէկը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ շաբաթ օրը մտնողները, թէ՛ շաբաթ օրը ելլողները. քանզի Յովիադա քահանան պաշտօնին վրայ եղողները չարձակեց։ Յովիադա քահանան Դաւիթ թագաւորին նիզակները, ասպարներն ու վահանները, որոնք Աստուծոյ տանը մէջ էին, հարիւրապետներուն տուաւ Եւ բոլոր ժողովուրդը, ամէն մարդ իր զէնքը ձեռքը, տանը աջ կողմէն մինչեւ ձախ կողմը, սեղանին ու տանը քով թագաւորին շուրջը կեցուց։ Թագաւորին որդին հանեցին ու անոր գլուխը դրին թագն ու վկայութիւնը ու զանիկա թագաւոր յայտարարեցին։ Յովիադան ու անոր որդիները զանիկա օծեցին ու ըսին. «Կեցցէ՛ արքայ»։ Գոթողիան, լսելով ժողովուրդին ձայնը, որոնք կը վազէին ու թագաւորը կ’օրհնէին, Տէրոջը տունը ժողովուրդին եկաւ Ու տեսաւ որ ահա թագաւորը իր սիւնին քով սրահին մուտքը կեցեր էր եւ զօրապետներն ու փողերը թագաւորին քով էին ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախանալով՝ փողեր կը հնչեցնէին ու երգողները նուագարաններով ու երաժշտապետները օրհնութիւններ կ’երգէին. այն ատեն Գոթողիան իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։ Եւ Յովիադա քահանան զօրքին վրայ եղող հարիւրապետները հանեց ու անոնց ըսաւ. «Ասիկա կարգերուն մէջէն հանեցէք ու ասոր ետեւէն գացողը սրով թող մեռցուի (քանզի քահանան ըսեր էր՝ ‘Զանիկա Տէրոջը տանը մէջ մի՛ մեռցնէք’)։ Անոր վրայ ձեռքերնին երկնցուցին ու երբ անիկա թագաւորական տանը ձիերու դռնէն ներս կը մտնէր, զանիկա հոն մեռցուցին։ Յովիադան իրեն ու բոլոր ժողովուրդին ու թագաւորին մէջտեղ դաշինք կնքեց, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան։ Բոլոր ժողովուրդը Բահաղին տունը մտան ու զանիկա կործանեցին եւ անոր սեղաններն ու կուռքերը կտոր կտոր ըրին ու Բահաղին քուրմը՝ Մատթանը՝ սեղաններուն առջեւ սպաննեցին։ Յովիադան Ղեւտացի քահանաներուն ձեռքով Դաւիթին Տէրոջը տանը համար պաշտօնեաներ դրաւ, որպէս զի Մովսէսին օրէնքին մէջ գրուածին պէս՝ Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանեն ուրախութեամբ ու երգով, ինչպէս Դաւիթ սահմաներ էր։ Դռնապանները Տէրոջը տանը դռներուն քով կեցուց, որպէս զի ոեւէ կերպով անմաքուր եղող մարդ մը չմտնէ։ Անիկա հարիւրապետներն ու ազնուականները եւ ժողովուրդին իշխաններն ու երկրին բոլոր ժողովուրդը առաւ ու թագաւորը Տէրոջը տունէն իջեցուց եւ բարձր դռնէն թագաւորին տունը մտան ու թագաւորը նստեցուցին թագաւորական աթոռին վրայ։ Երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախացաւ եւ քաղաքը հանգստութեան մէջ էր ու Գոթողիան սրով մեռցուցած էին։ Յովաս եօթը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քառասուն տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Սաբիա էր՝ Բերսաբէէ քաղաքէն ։ Յովաս՝ Յովիադա քահանային բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Յովիադան անոր երկու կին առնել տուաւ ու տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։ Ասկէ ետքը Յովաս ուզեց որ Տէրոջը տունը նորոգէ։ Քահանաներն ու Ղեւտացիները հաւաքուեցան եւ անոնց ըսաւ. «Յուդայի քաղաքները ելէ՛ք ու ձեր Աստուծոյն տունը նորոգելու համար բոլոր Իսրայէլէն տարուէ տարի ստակ հաւաքեցէ՛ք։ Այս գործը շուտով ըրէ՛ք»։ Բայց Ղեւտացիները շուտով չըրին։ Ուստի թագաւորը Յովիադա իշխանը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Տէրոջը ծառային, Մովսէսին ու Իսրայէլի ժողովուրդին վկայութեան խորանին համար պատուիրուած տուրքը ինչո՞ւ համար Ղեւտացիներէն չպահանջեցիր, որ Յուդայէն ու Երուսաղէմէն բերեն։ (Քանզի անօրէն Գոթողիան ու անոր որդիները Աստուծոյ տունը աւերեր էին ու Տէրոջը տանը բոլոր սուրբ բաները Բահաղիմին նուիրեր էին)։ Թագաւորը հրամայեց ու սնտուկ մը շինեցին ու զանիկա Տէրոջը տանը դրանը դուրսի կողմը դրին Եւ Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ Աստուծոյ ծառային, Մովսէսին, անապատին մէջ Իսրայէլի պատուիրած տուրքը Տէրոջը բերեն։ Բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը ուրախացան ու իրենց տուրքը բերին սնտուկին մէջ ձգեցին, մինչեւ որ անիկա լեցուեցաւ։ Երբ սնտուկը Ղեւտացիներուն ձեռքով թագաւորին վերակացուներուն կը տարուէր, անոնք տեսան թէ ստակը շատ շատ է. թագաւորին գրագիրն ու մեծ քահանային վերակացուն եկան եւ սնտուկը պարպեցին ու վերցնելով իր տեղը դարձուցին։ Ամէն օր այսպէս կ’ընէին։ Շատ ստակ հաւաքուեցաւ։ Թագաւորն ու Յովիադան զանիկա Տէրոջը տանը ծառայութեան գործը ընողներուն կու տային ու անոնք Տէրոջը տունը նորոգելու համար՝ վարձքով քարահատներ ու հիւսներ կը բռնէին ու Տէրոջը տունը ամրացնելու համար՝ երկաթագործներուն ու պղնձագործներուն ալ կու տային ։ Բանուորները կ’աշխատէին ու նորոգութեան գործը անոնց ձեռքով կը կատարուէր։ Այսպէս Աստուծոյ տունը իր ձեւին բերելով՝ զանիկա ամրացուցին։ Երբ նորոգութիւնը լմնցուցին, մնացած ստակը թագաւորին ու Յովիադային առջեւ բերին ու անով Տէրոջը տանը համար անօթներ, պաշտամունքին ու ողջակէզներուն համար ամաններ ու խնկամաններ եւ ուրիշ ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ շինեցին։ Յովիադային բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ ողջակէզներ կը մատուցանուէին։ Յովիադան ծերացած ու օրերը լեցուած ըլլալով մեռաւ։ Մեռած ատենը հարիւր երեսուն տարեկան էր։ Զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թագաւորներուն հետ թաղեցին. քանզի անիկա Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ու անոր տանը համար աղէկութիւն ըրեր էր։ Յովիադային մեռնելէն ետքը՝ Յուդայի իշխանները եկան ու թագաւորին խոնարհութիւն ըրին։ Այն ատեն թագաւորը անոնց մտիկ ըրաւ։ Անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը թողուցին եւ Աստարովթին կուռքերուն ու չաստուածներուն ծառայութիւն ըրին։ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ իրենց այս յանցանքին համար։ Վասն զի անոնց մարգարէներ ղրկեց, որպէս զի զանոնք Տէրոջը դարձնեն։ Ասոնք անոնց վկայութիւն ըրին, բայց անոնք մտիկ չըրին։ Յովիադա քահանային որդիին Զաքարիային վրայ Աստուծոյ Հոգին եկաւ ու անիկա ժողովուրդին մէջ բարձր տեղ մը կեցաւ ու անոնց ըսաւ. «Աստուած այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք ինչո՞ւ համար Տէրոջը պատուիրանքներէն կը խոտորիք։ Դուք բնաւ յաջողութիւն պիտի չգտնէք, քանզի դուք Տէրը մերժեցիք, ան ալ ձեզ պիտի մերժէ’»։ Ժողովուրդը անոր դէմ միաբանեցան ու զանիկա թագաւորին հրամանովը Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ քարկոծեցին։ Յովաս թագաւորը անոր հօրը Յովիադային իրեն ըրած բարերարութիւնը չյիշելով՝ անոր որդին մեռցուց, բայց անիկա մեռած ատենը ըսաւ. «Տէրը տեսնէ ու դատէ»։ Հետեւեալ տարին Ասորիներուն զօրքը անոր դէմ ելլելով Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ յարձակեցան ու ժողովուրդին բոլոր իշխանները մեռցուցին ու անոնց բոլոր աւարը Դամասկոսի թագաւորին ղրկեցին։ Ասորիներուն զօրքը քիչ մարդոցմով եկաւ, բայց Տէրը խիստ շատուոր եղող զօրքը անոնց ձեռքը մատնեց. քանզի անոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էին։ Այսպէս Ասորիները Աստուծոյ դատաստանը գործադրեցին Յովասին վրայ։ Երբ անոնք գացին անկէ, մեծ հիւանդութիւններու մէջ ձգելով զանիկա, անոր ծառաները անոր դէմ դաւաճանութիւն ըրին Յովիադա քահանային որդիներուն արեանը համար ու զանիկա իր անկողնին մէջ սպաննեցին ու զանիկա Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց թագաւորներու գերեզմանին մէջ չթաղեցին։ Անոր դէմ դաւաճանութիւն ընողները ասոնք էին՝ Ամմոնացի կնոջ Սամեթի որդին Զաբադն ու Մովաբացի կնոջ Սամարիթի որդին Յովզաբադը։ Անոր որդիներուն մասին ու իր քով հաւաքուած տուրքին շատութեանը մասին ու Աստուծոյ տանը նորոգութեանը մասին՝ ահա թագաւորներու գրքին յիշատակարանին մէջ գրուած է։ Անոր տեղ անոր որդին Ամասիան թագաւոր եղաւ։ Ամասիա քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յովադան էր ու Երուսաղեմացի էր։ Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ, բայց ոչ կատարեալ սրտով։ Երբ թագաւորութիւնը անոր վրայ հաստատուեցաւ՝ իր ծառաները մեռցուց, որոնք իր թագաւոր հայրը սպաններ էին. Բայց անոնց որդիները չմեռցուց, ինչպէս Մովսէսին օրինաց գրքին մէջ գրուած է։ Տէրը պատուիրեց՝ ըսելով. «Տղոց յանցանքին համար հայրերը չմեռցուին ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը չմեռցուին, հապա ամէն մարդ իր յանցանքին համար պիտի մեռցուի»։ Ամասիա Յուդան հաւաքեց ու անոնց տոհմերուն վրայ հազարապետներ ու հարիւրապետներ դրաւ՝ բոլոր Յուդայի ու Բենիամինի մէջ եւ քսան տարեկանէն վեր եղողները համրեց ու պատերազմի ելլող եւ նիզակ ու վահան կրող երեք հարիւր հազար ընտիր զօրք գտաւ։ Անիկա հարիւր տաղանդ արծաթով Իսրայէլէն հարիւր հազար զօրաւոր կտրիճներ վարձեց։ Աստուծմէ մարդ մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, Իսրայէլի զօրքը քեզի հետ մի՛ տանիր, քանզի Տէրը Իսրայէլի հետ՝ այսինքն բոլոր Եփրեմի որդիներուն հետ չէ. Բայց եթէ դուն երթալ կ’ուզես, գնա՛ ու պատերազմի համար ուժովցի՛ր, բայց Աստուած թշնամիին առջեւ պիտի կործանէ քեզ, քանզի օգնելու ու կործանելու զօրութիւնը Աստուծոյ ձեռքն է»։ Ամասիա Աստուծոյ մարդուն ըսաւ. «Հապա ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այն հարիւր տաղանդը, որ ես Իսրայէլի զօրքին տուի»։ Աստուծոյ մարդը ըսաւ. «Տէրը քեզի անկէ աւելին կրնայ տալ»։ Ամասիա Եփրեմէն իրեն եկող գունդերը զատեց, որպէս զի իրենց տեղը երթան ու անոնք Յուդայէն խիստ սրդողեցան ու սաստիկ բարկութեամբ իրենց տեղերը դարձան։ Ամասիա ուժովցաւ ու իր զօրքը հանեց ու Աղի ձորը գնաց եւ Սէիրի որդիներէն տասը հազար հոգի զարկաւ։ Յուդայի որդիներէն տասը հազար ալ ողջ գերի առին եւ քարաժայռին գլուխը տարին ու զանոնք քարաժայռին գլխէն վար ձգեցին ու ամէնքն ալ կտոր կտոր եղան։ Այն զօրքերը, որոնք Ամասիա ետ ղրկեց, որպէս զի իրեն հետ պատերազմի չերթան, Յուդայի քաղաքներուն վրայ յարձակեցան՝ Սամարիայէն մինչեւ Բեթորոն ու անոնցմէ երեք հազար մարդ մեռցուցին եւ շատ աւար առին։ Երբ Ամասիա Եդովմայեցիները ջարդելէն դարձաւ, Սէիրի որդիներուն աստուածները բերաւ ու զանոնք կանգնեցուց, որպէս զի իրեն աստուածներ ըլլան։ Անոնց առջեւ երկրպագութիւն կ’ընէր ու անոնց խունկ կը ծխէր։ Տէրոջը բարկութիւնը Ամասիային վրայ բորբոքեցաւ եւ անոր մարգարէ մը ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ դիմեցիր այն ժողովուրդին աստուածներուն, որոնք չկրցան իրենց ժողովուրդը քու ձեռքէդ ազատել»։ Երբ անոր հետ կը խօսէր, թագաւորը ըսաւ անոր. «Միթէ քեզ թագաւորի խորհրդակա՞ն դրին. լո՛ւռ կեցիր, չըլլայ որ՝ ՝ մեռցուիս»։ Մարգարէն կեցաւ ու ըսաւ. « Աղէկ գիտեմ թէ Աստուած որոշեր է քեզ կորսնցնել, որովհետեւ իմ խրատիս մտիկ չընելով՝ այդ բանը ըրիր»։ Յուդայի Ամասիա թագաւորը խորհուրդ ըրաւ ու Իսրայէլի թագաւորին, Յէուին որդիին Յովաքազին որդիին Յովասին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Եկո՛ւր, երես երեսի տեսնուինք»։ Իսրայէլի Յովաս թագաւորը Յուդայի Ամասիա թագաւորին մարդ ղրկեց ու ըսաւ. «Լիբանանի փուշը Լիբանանի եղեւնափայտին պատգամ ղրկեց՝ ըսելով. ‘Քու աղջիկդ իմ տղուս կնութեան տուր’. բայց Լիբանանի մէջ եղող դաշտի գազանը անցաւ ու փուշը կոխկռտեց։ Դուն՝ ‘ահա Եդովմը զարկի’, ըսիր ու քու սիրտդ քեզ բարձրացնելով հպարտացուց. հիմա քու տունդ նստէ. քանզի ինչո՞ւ համար չարութեան խառնուիս, որ իյնաս դուն ու քեզի հետ Յուդան ալ»։ Բայց Ամասիա մտիկ չըրաւ. քանզի ասիկա Աստուծմէ եղաւ, որպէս զի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնէ, Եդովմայեցիներուն աստուածները փնտռելուն համար։ Ուստի Իսրայէլի Յովաս թագաւորը ելաւ ու ինք ու Յուդայի Ամասիա թագաւորը Յուդայի Բեթսամիւսին մէջ երես երեսի տեսնուեցան։ Եւ Յուդա Իսրայէլէն յաղթուեցաւ ու ամէն մարդ իր վրանը փախաւ։ Իսրայէլի Յովաս թագաւորը՝ Յովաքազի որդիին Յովասին որդին Ամասիան, Յուդայի թագաւորը, Բեթսամիւսի մէջ բռնեց ու զանիկա Երուսաղէմ տարաւ ու Եփրեմի դռնէն մինչեւ Անկեան դուռը՝ Երուսաղէմի պարսպէն չորս հարիւր կանգուն փլցուց։ Բոլոր ոսկին ու արծաթը եւ Աստուծոյ տանը մէջ գտնուած՝ Աբդեդօմին քովի բոլոր ամաններն ու թագաւորին տանը գանձերը եւ պատանդներ ալ առաւ ու Սամարիա դարձաւ։ Յուդայի թագաւորը՝ Յովասին որդին Ամասիան՝ Իսրայէլի թագաւորին Յովաքազին որդիին Յովասին մեռնելէն ետքը տասնըհինգ տարի ապրեցաւ։ Ամասիային մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը, ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած է։ Ամասիա, երբ Տէրոջը հետեւելէն խոտորեցաւ, անոր դէմ Երուսաղէմի մէջ դաւաճանութիւն ըրին ու անիկա Լաքիս փախաւ. բայց անոր ետեւէն Լաքիս մարդ ղրկեցին ու զանիկա հոն մեռցուցին։ Ձիերով բերին ու իր հայրերուն հետ Յուդայի քաղաքին մէջ թաղեցին։ Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը Ոզիան առին, որ տասնըվեց տարեկան էր ու զանիկա իր հօրը՝ Ամասիային տեղը թագաւոր ըրին։ Ասիկա Ելաթը շինեց ու թագաւորին իր հայրերուն հետ քնանալէն ետքը զայն Յուդային վերադարձուց։ Ոզիան տասնըվեց տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըերկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յեքէլիա էր, որ Երուսաղեմացի էր։ Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ՝ իր հօրը Ամասիային ըրածին պէս։ Աստուծոյ տեսիլքներուն հմուտ եղող Զաքարիային օրերը Աստուած կը փնտռէր։ Տէրը փնտռած օրը Աստուած անոր յաջողութիւն կու տար։ Ան գնաց Փղշտացիներուն հետ պատերազմ ըրաւ եւ Գէթին պարիսպը, Յաբնէին պարիսպը ու Ազովտոսի պարիսպը փլցուց եւ Ազովտոսի գաւառին մէջ ու Փղշտացիներու միւս երկիրներուն մէջ քաղաքներ շինեց։ Աստուած անոր օգնութիւն ըրաւ Փղշտացիներուն դէմ ու Գուր-Բահաղ բնակող Արաբացիներուն դէմ ու Մաոնացիներուն դէմ։ Եւ Ամմոնացիները Ոզիային ընծաներ տուին ու անոր անունը մինչեւ Եգիպտոսի մուտքը տարածուեցաւ, քանզի անիկա խիստ ուժովցաւ։ Ոզիան Երուսաղէմի մէջ՝ Անկեան դրանը վրայ ու Ձորի դրանը վրայ եւ պարսպին դարձուածքին վրայ աշտանակներ շինեց ու զանոնք ամրացուց։ Եւ անապատին մէջ ալ աշտարակներ շինեց ու շատ ջրհորներ փորեց. քանզի անիկա դաշտի մէջ ու հովիտի մէջ շատ անասուններ ու լեռնակողմը նաեւ Կարմեղոս լեռը երկրագործներ ու այգեգործներ ունէր. քանզի երկրագործութիւնը կը սիրէր։ Ոզիան, Յէիէլ դպրապետին ու Մաասիա ոստիկանին ձեռքով համրուած թիւին համեմատ, թագաւորին իշխաններէն Անանիային ձեռքին տակ՝ գունդով պատերազմի ելլող զօրքեր ունէր։ Բոլոր զօրաւոր կտրիճներուն տոհմապետներուն թիւը երկու հազար վեց հարիւր էր։ Անոնց ձեռքին տակ երեք հարիւր եօթը հազար հինգ հարիւր պատերազմող մարդ կար, որոնք մեծ ուժով կը պատերազմէին ու թշնամիին դէմ թագաւորին օգնութիւն կ’ընէին։ Ոզիա բոլոր զօրքին համար վահաններ, նիզակներ, սաղաւարտներ, զրահներ, աղեղներ ու քարերու համար պարսատիկներ պատրաստեց։ Անիկա Երուսաղէմի մէջ արհեստաւորներուն ճարտարութիւնովը մեքենաներ շինեց, որպէս զի նետեր ու մեծ քարեր նետելու համար՝ աշտարակներուն վրայ եւ անկիւններուն վրայ կենան։ Անոր անունը հեռու տեղեր տարածուեցաւ, վասն զի անիկա զարմանալիօրէն օգնութիւններ գտաւ, մինչեւ որ ուժովցաւ։ Բայց երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտանալով չարութիւն ըրաւ եւ իր Տէր Աստուծոյն դէմ անցանք գործեց ու Տէրոջը տաճարը մտաւ, որպէս զի խունկի սեղանին վրայ խունկ ծխէ։ Անոր ետեւէն Ազարիա քահանան մտաւ ու անոր հետ Տէրոջը ութսուն քահանաները՝ որոնք զօրաւոր մարդիկ էին։ Անոնք Ոզիա թագաւորին դէմ կեցան ու անոր ըսին. «Ո՛վ Ոզիա, քեզի չիյնար որ Տէրոջը խունկ ծխես, հապա Ահարոնեան քահանաներուն՝ որոնք խունկ ծխելու համար սրբուած են. սրբարանէն դո՛ւրս ելիր, քանզի յանցանք գործեցիր ու այս բանին համար Տէր Աստուծմէ պիտի չպատուըուիս»։ Ոզիա բարկացաւ ու անոր ձեռքը խունկ ծխելու համար բուրվառ կար։ Երբ քահանաներուն բարկացաւ, քահանաներուն առջեւ, Տէրոջը տանը մէջ խունկի սեղանին քով, անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն երեւցաւ։ Ազարիա քահանայապետն ու բոլոր քահանաները անոր նայեցան եւ ահա անոր ճակատին վրայ բորոտութիւն կար ու զանիկա շուտով անկէ հանեցին ու անիկա ալ ելլելու արտորաց, քանզի Տէրը զանիկա զարկեր էր։ Ոզիա թագաւորը մինչեւ իր մահուան օրը բորոտած էր ու զատ տան մը մէջ բորոտած կը նստէր, վասն զի Տէրոջը տունէն արտաքսուեցաւ։ Անոր որդին Յովաթամ, թագաւորին տանը վրայ ըլլալով, երկրին ժողովուրդը կը դատէր։ Ոզիային մնացորդ պատմութիւնը, առաջինն ու վերջինը Ամովսի որդին՝ Եսայի մարգարէն գրեց։ Ոզիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր հայրերուն հետ թագաւորներու գերեզմաններուն դաշտին մէջ թաղեցին. վասն զի ըսին. «Անիկա բորոտ է»։ Եւ անոր որդին Յովաթամը անոր տեղ թագաւորեց։ Յովաթամ քսանըհինգ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Յերուսա էր ու Սադովկին աղջիկն էր։ Իր հօրը Ոզիային բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ. բայց Տէրոջը տաճարը չմտաւ ու ժողովուրդը տակաւին ապականած էր։ Ասիկա Տէրոջը տանը ամենէն բարձր դուռը շինեց ու Ոփաղի պարսպին վրայ շատ բաներ շինեց։ Յուդայի լեռնակողմը քաղաքներ ու անտառներու մէջ բերդեր ու աշտարակներ շինեց։ Անիկա Ամմոնին որդիներուն եւ թագաւորին հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց եւ նոյն տարին Ամմոնին որդիները հարիւր տաղանդ արծաթ ու տասը հազար քոռ ցորեն եւ տասը հազար քոռ գարի տուին անոր։ Նոյնպէս երկրորդ ու երրորդ տարին ալ Ամմոնին որդիները նոյն բաները բերին։ Յովաթամ զօրացաւ, վասն զի իր ճամբաները իր Տէր Աստուծոյն առջեւ շտկեց։ Յովաթամին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բոլոր պատերազմները ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներու գրքին մէջ գրուած են։ Անիկա թագաւոր եղած ատենը քսանըհինգ տարեկան էր ու տասնըվեց տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորութիւն ըրաւ։ Յովաթամ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթին քաղաքին մէջ թաղեցին եւ անոր որդին Աքազ անոր տեղ թագաւորեց։ Աքազ քսան տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Դաւիթին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն չըրաւ. Հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաներուն մէջ քալեց ու Բահաղիմին ձուլածոյ կուռքեր շինեց։ Անիկա Ենովմին որդիին ձորին մէջ խունկ կը ծխէր ու իր որդիները կրակով այրեց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, որոնք Տէրը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտեց։ Բարձր տեղերը ու բլուրներու վրայ եւ ամէն կանանչ ծառերու տակ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։ Անոր համար Աստուած զանոնք Ասորիներու թագաւորին ձեռքը մատնեց։ Անոնք անոր յաղթեցին եւ շատ գերիներ առին ու Դամասկոս տարին։ Նաեւ Իսրայէլի թագաւորին ձեռքը մատնուեցաւ, որ զանիկա մեծ հարուածով զարկաւ։ Ռովմելայի որդին Փակէէն մէկ օրուան մէջ Յուդայէն հարիւր քսան հազար մարդ մեռցուց, որոնց ամէնքն ալ զօրաւոր կտրիճներ էին. քանզի իրենց հայրերուն Տէր Աստուածը թողուցեր էին։ Եփրեմէն Զեքրի անունով զօրաւոր մարդ մը թագաւորին որդին Մաասիան եւ պալատին հազարապետը Եզրիկամը ու թագաւորին փոխանորդը Եղկանան մեռցուց։ Իսրայէլի որդիները իրենց եղբայրներէն՝ կիներ ու տղաքներ եւ աղջիկներ՝ երկու հարիւր հազար գերի առին եւ անոնցմէ շատ աւարներ առին ու աւարը Սամարիա տարին։ Հոն Տէրոջը մարգարէներէն Ովդեդը Սամարիա գացող զօրքին դէմ ելաւ ու անոնց ըսաւ. «Ահա ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը Յուդային վրայ բարկանալուն համար՝ զանոնք ձեր ձեռքը մատնեց ու մեռցուցիք զանոնք այնպիսի բարկութեամբ, որ մինչեւ երկինք հասաւ։ Հիմա կը մտածէք Յուդայի ու Երուսաղէմի որդիները ձեզի ծառաներ ու աղախիններ ընել. Անով ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ դուք յանցաւոր չէ՞ք ըլլար։ Ինծի մտիկ ըրէ՛ք. ետ դարձուցէք այն գերիները, որոնք ձեր եղբայրներէն առիք. քանզի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ է»։ Եփրեմին որդիներուն իշխաններէն Յօհանանին որդին Ազարիան, Մեսեղամօթին որդին Բարաքիան, Սեղղումին որդին Եզեկիան ու Ադղիային որդին Ամեսային՝ պատերազմէն եկողներուն դէմ կեցան Եւ անոնց ըսաին. «Գերիները հոս մի՛ բերէք. քանզի մենք արդէն Տէրոջը առջեւ յանցաւոր ենք ու դուք կ’ուզէք ասիկա ալ մեր մեղքերուն ու մեր յանցանքներուն վրայ աւելցնել։ Մեր յանցանքը շատ է ու Իսրայէլի վրայ սաստիկ բարկութիւն կայ»։ Այն ատեն պատերազմողները իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ թողուցին գերիներն ու աւարը։ Իրենց անուններովը յիշուած մարդիկը ելան ու գերիները առին ու բոլոր մերկ եղողները աւարէն հագցուցին։ Անոնց հանդերձներ ու կօշիկներ հագցուցին, զանոնք կեցուցին ու խմցուցին եւ զանոնք իւղով օծեցին եւ բոլոր տկարները էշերու վրայ հեծցնելով՝ Արմաւենիներու քաղաքը Երիքով տարին անոնց եղբայրներուն քով ու իրենք Սամարիա դարձան։ Եւ այն ատեն Աքազ թագաւորը Ասորեստանի թագաւորներուն պատգամ ղրկեց, որպէս զի իրեն օգնութիւն ընեն. Վասն զի Եդովմայեցիները նորէն եկեր էին ու Յուդան զարնելով գերիներ տարեր էին։ Փղշտացիներն ալ դաշտի մէջ ու Յուդայի հարաւային կողմը եղող քաղաքներուն վրայ յարձակելով՝ Բեթսամիւսը, Այեղոնը, Գադերօթը, Սոքովն ու անոր գիւղերը եւ Թամնան ու անոր գիւղերը եւ Գամզովն ու անոր գիւղերը առեր ու հոն բնակեր էին։ Վասն զի Տէրը Իսրայէլի Աքազ թագաւորին պատճառով Յուդան նկուն ըրաւ. որովհետեւ անիկա Յուդան գլխէ հանեց՝ ՝ ու Տէրոջ դէմ ապստամբեցաւ։ Ու Ասորեստանի Թագղաթ-Փաղասար թագաւորը անոր եկաւ ու զանիկա նեղեց. բայց անոր չօգնեց։ Քանզի թէպէտեւ Աքազ Տէրոջը տունէն ու թագաւորին եւ իշխաններուն տուներէն բաժիններ առաւ ու Ասորեստանի թագաւորին տուաւ, բայց անիկա իրեն չօգնեց։ Իր նեղութեանը մէջ՝ ա՛լ աւելի Տէրոջը դէմ մեղք կը գործէր։ Այսպիսի մարդ մըն էր Աքազ թագաւորը։ Անիկա զոհեր մատուցանեց Դամասկոսի աստուածներուն, որոնք զինք զարկեր էին. քանզի ըսաւ. «Ասորիներուն թագաւորներուն աստուածները անոնց օգնեցին, ուստի անոնց զոհ մատուցանեմ, որպէս զի ինծի ալ օգնեն»։ Բայց անոնք իրեն ու բոլոր Իսրայէլի աւերումին պատճառ դարձան։ Աքազ Աստուծոյ տանը անօթները հաւաքեց ու զանոնք կոտրտեց եւ Տէրոջը տանը դռները գոցեց ու Երուսաղէմի բոլոր անկիւնները իրեն սեղաններ շինեց։ Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ բարձր տեղեր շինեց, որպէս զի ուրիշ աստուածներու խունկ ծխէ ու իր հայրերուն Տէր Աստուածը սրդողցուց։ Անոր մնացորդ պատմութիւնը ու բոլոր վարմունքը, առաջինն ու վերջինը, ահա Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։ Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ։ Զանիկա Երուսաղէմ քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց Իսրայէլի թագաւորներուն գերեզմաննոցը չտարին։ Անոր որդին Եզեկիան անոր տեղ թագաւոր եղաւ։ Եզեկիա քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ քսանըինը տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Աբիա էր, որ Զաքարիային աղջիկն էր։ Եզեկիա իր հօրը Դաւիթին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ։ Անիկա իր թագաւորութեան առաջին տարուան առաջին ամիսը Տէրոջը տանը դռները բացաւ ու զանոնք նորոգեց։ Քահանաներն ու Ղեւտացիները բերել տուաւ ու զանոնք արեւելեան հրապարակին մէջ հաւաքեց Եւ անոնց ըսաւ. «Ինծի մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Ղեւտացիներ, հիմա սրբուեցէ՛ք ու ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն տունը սրբեցէ՛ք եւ պղծութիւնը սրբարանէն դուրս հանեցէք. Քանզի մեր հայրերը ապստամբեցան ու մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրին ու զանիկա թողուցին եւ իրենց երեսը Տէրոջը խորանէն դարձուցին ու արհամարհեցին զանիկա ՝ ՝. Սրահին դռներն ալ գոցեցին, ճրագները մարեցին, խունկ չծխեցին ու սուրբ տեղը Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզ չմատուցանեցին։ Անոր համար Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ Տէրը բարկացաւ ու զանոնք խռովութեան, աւերման ու խայտառակութեան մէջ ձգեց, ինչպէս հիմա ձեր աչքերովը կը տեսնէք։ Այս պատճառով ահա մեր հայրերը որով ինկան ու մեր տղաքները եւ աղջիկներն ու կիները գերութեան մէջ են։ Հիմա ես սրտանց կը փափաքիմ, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն հետ ուխտ ընեմ, որպէս զի իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ։ Արդ՝ որդեակնե՛րս, անհոգութիւն մի՛ ընէք. վասն զի Տէրը ձեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն ծառայութիւն ընելու համար իր առջեւ կայնիք, իրեն սպասաւորներ ըլլաք ու խունկ ծխէք»։ Այն ատեն ոտքի ելան Ղեւտացիները, այսինքն Կահաթի որդիներէն Ամեսայիի որդին Մաաթն ու Ազարիայի որդին Յովէլը եւ Մերարիի որդիներէն՝ Աբդիի որդին Կիսը ու Յալէլէլի որդին Ազարիան ու Գերսոնեաններէն Զամմայի որդին Յովաքը եւ Յովաքի որդին Եդէնը, Ու Եղիսափանի որդիներէն՝ Սամարին ու Յէիէլը եւ Ասափի որդիներէն՝ Զաքարիան ու Մաթանիան Ու Եմանի որդիներէն՝ Յեքիէլն ու Սեմէին եւ Իդիթունի որդիներէն՝ Սեմայիան ու Ոզիէլը։ Եւ իրենց եղբայրները հաւաքեցին ու սրբուեցան եւ թագաւորին հրամանովն ու Տէրոջը խօսքովը Տէրոջը տունը մաքրելու գացին։ Քահանաները մաքրելու համար՝ Տէրոջը տանը ներսի կողմը մտան ու Տէրոջը տաճարին մէջ գտնուած բոլոր աղտեղութիւնը Տէրոջը տանը գաւիթը հանեցին ու Ղեւտացիները զանիկա վերցուցին, որպէս զի դուրսը Կեդրոն հեղեղատը տանին։ Առաջին ամսուան առաջին օրը սկսան սրբել ու ամսուան ութերորդ օրը Տէրոջը սրահը եկան ու Տէրոջը տունը ութ օրուան մէջ սրբեցին եւ առաջին ամսուան տասնըվեցերորդ օրը լմնցուցին։ Եզեկիա թագաւորին քով գացին ու ըսին. «Տէրոջը բոլոր տունն ու ողջակէզի սեղանը ու անոր բոլոր գործիքները եւ առաջաւորութեան հացին սեղանն ու անոր բոլոր գործիքները մաքրեցինք։ Ու նաեւ պատրաստեցինք ու սրբեցինք այն բոլոր ամանները, որոնք Աքազ թագաւորը իր թագաւորութեանն ու իր անօրէնութեանը ատենը պղծեց։ Ահա անոնք Տէրոջը սեղանին առջեւն են»։ Եզեկիա թագաւորը կանուխ ելաւ ու քաղաքին իշխանները հաւաքելով Տէրոջը տունը գնաց Եւ իր թագաւորութեանն ու սրբարանին ու Յուդային համար եօթը զուարակ, եօթը խոյ ու եօթը գառ ու մեղքի պատարագ ըլլալու համար եօթը նոխազ բերին եւ անիկա Ահարոնին որդիներուն, քահանաներուն, հրամայեց, որ զանոնք Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանեն։ Զուարակները մորթեցին եւ քահանաները արիւնը առին ու սեղանին վրայ սրսկեցին եւ խոյերն ալ մորթեցին ու արիւնը սեղանին վրայ սրսկեցին։ Ու մեղքի պատարագի նոխազները թագաւորին ու ժողովուրդին առջեւ բերին եւ անոնք ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։ Քահանաները զանոնք մորթեցին եւ անոնց արիւնը սեղանին վրայ սրսկեցին բոլոր Իսրայէլին քաւութիւն ընելու համար. վասն զի թագաւորը ըսեր էր որ ողջակէզն ու մեղքի պատարագը բոլոր Իսրայէլին համար մատուցանեն ։ Ու Ղեւտացիները ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով Տէրոջը տանը մէջ կեցուց, ինչպէս Դաւիթ ու Դաւիթ թագաւորին տեսանողը Գաթ եւ Նաթան մարգարէն պատուիրեր էին. վասն զի Տէրը իր մարգարէներուն միջոցով այսպէս հրամայեր էր։ Ու Ղեւտացիները Դաւիթին նուագարաններով եւ քահանաները փողերով կեցան։ Եզեկիա հրամայեց որ ողջակէզը սեղանին վրայ մատուցանեն ու ողջակէզին սկսած ատենը Տէրոջը օրհնութիւնն ալ փողերով ու Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին նուագարաններովը սկսաւ։ Մինչեւ ողջակէզին լմննալը բոլոր ժողովը երկրպագութիւն կ’ընէր, երգողները օրհնութիւն կ’երգէին եւ քահանաները փողերը կը հնչեցնէին։ Երբ ողջակէզ մատուցանելը լմնցուցին, թագաւորը եւ բոլոր քովը գտնուողները ծռելով երկրպագութիւն ըրին։ Եզեկիա թագաւորն ու իշխանները Ղեւտացիներուն ըսին, որ Տէրոջը օրհնութիւն երգեն Դաւիթին ու Ասափ տեսանողին խօսքերովը։ Անոնք ալ ուրախութեամբ երգեցին ու խոնարհելով երկրպագութիւն ըրին։ Եզեկիա ժողովուրդին ըսաւ. «Հիմա ինքզինքնիդ Տէրոջը նուիրեցիք. մօտեցէ՛ք ու Տէրոջը տունը զոհեր ու օրհնութեան ընծաներ բերէ՛ք»։ Ժողովուրդը զոհեր ու օրհնութեան ընծաներ բերաւ եւ ամէն յօժարութիւն ունեցողը ողջակէզներ բերաւ ։ Ու ժողովուրդին բերած ողջակէզներուն թիւը այս էր՝ եօթանասուն արջառ, հարիւր խոյ ու երկու հարիւր գառ. ասոնց ամէնքը Տէրոջը ողջակէզ ըլլալու համար էին։ Նուիրուածները վեց հարիւր արջառ ու երեք հազար ոչխար էին։ Բայց քահանաները քիչուոր ըլլալնուն համար՝ բոլոր ողջակէզներուն մորթերը հանելու կարող չեղան ու մինչեւ այս գործը լմննալը ու մինչեւ միւս քահանաներուն սրբուիլը, իրենց Ղեւտացի եղբայրները իրենց օգնեցին. քանզի Ղեւտացիները քահանաներէն աւելի յօժարութեամբ սրբուեցան։ Ողջակէզներուն խաղաղութեան զոհերուն ճարպը եւ ողջակէզներուն ըմպելի նուէրները շատ էին։ Այսպէս Տէրոջը տանը պաշտամունքը կարգի դրուեցաւ։ Եզեկիա եւ բոլոր ժողովուրդը ուրախացան, որ Աստուած ժողովուրդը այսպէս պատրաստեց. քանզի այս բանը յանկարծ եղաւ։ Եզեկիա Իսրայէլին եւ Յուդային մարդ ղրկեց ու Եփրեմին ու Մանասէին ալ նամակներ գրեց, որպէս զի Երուսաղէմ Տէրոջը տունը գան ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Զատիկը տօնեն։ Թագաւորն ու անոր իշխանները ու բոլոր ժողովուրդը Երուսաղէմի մէջ խորհուրդ ըրին, որ Զատիկը երկրորդ ամսուան մէջ տօնեն. Վասն զի այն ատեն կարող չէին զանիկա ընելու, քանզի պէտք եղածին չափ քահանաներ սրբուած չէին ու ժողովուրդը Երուսաղէմ հաւաքուած չէր։ Այս բանը թագաւորին առջեւ ու բոլոր ժողովուրդին հաճելի երեւցաւ։ Այնպէս որոշեցին, որ բոլոր Իսրայէլի մէջ Բերսաբէէէն մինչեւ Դան լուր ղրկեն, որպէս զի գան ու Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Զատիկը տօնեն. քանզի շատ ատենէ ի վեր գրուածին պէս ըրած չէին։ Սուրհանդակները թագաւորին ու իշխաններուն նամակներովը բոլոր Իսրայէլ ու Յուդա գացին ու թագաւորին հրամանին համեմատ ըսին. «Ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Աբրահամին, Իսահակին ու Իսրայէլին Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք ու ան ալ պիտի դառնայ ձեզի, որ Ասորեստանի թագաւորներուն ձեռքէն ազատուելով՝ ձեր երկիրը մնացեր էք։ Ձեր հայրերուն պէս ու ձեր եղբայրներուն պէս մի՛ ըլլաք, որոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դէմ ապստամբեցան. ան ալ զանոնք կործանման մատնեց, ինչպէս դուք կը տեսնէք։ Ուրեմն ձեր հայրերուն պէս ձեր պարանոցը մի՛ խստացնէք. հնազանդեցէ՛ք Տէրոջը ու եկէ՛ք անոր սրբարանը, որ ինք յաւիտեան սրբած է ու ձեր Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի անոր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ Քանզի եթէ դուք Տէրոջը դառնաք՝ ձեր եղբայրներն ու ձեր որդիները զիրենք գերի տանողներուն երեսէն գթութիւն պիտի գտնեն եւ այս երկիրը պիտի դառնան, վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ողորմած ու գթած է ու եթէ անոր դառնաք, ձեզմէ երես պիտի չդարձնէ»։ Սուրհանդակները Եփրեմին ու Մանասէին երկիրը քաղաքէ քաղաք պտըտելով, մինչեւ Զաբուղոն գացին. բայց զանոնք ծաղր կ’ընէին ու կ’արհամարհէին։ Սակայն Ասերէն ու Մանասէէն ու Զաբուղոնէն ոմանք խոնարհեցան ու Երուսաղէմ գացին։ Աստուծոյ ձեռքը Յուդայի վրայ ալ էր, որ անոնց մէկ սիրտ տայ, որպէս զի թագաւորին ու իշխաններուն՝ Տէրոջը խօսքին համեմատ պատուիրածը կատարեն։ Երուսաղէմի մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ հաւաքուեցան երկրորդ անսուան մէջ բաղարջակերաց տօնը կատարելու համար ու խիստ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ։ Ելան Երուսաղէմի մէջ եղող զոհի սեղաններն ու խունկի սեղանները վերցուցին ու Կեդրոն հեղեղատը նետեցին։ Երկրորդ ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկը մորթեցին եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները պատկառանքով սրբուեցան ու Տէրոջը տունը ողջակէզներ բերին։ Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին օրէնքին համեմատ, իրենց սովորութեանը պէս, իրենց տեղը կեցան։ Քահանաները Ղեւտացիներուն ձեռքէն արիւնը կ’առնէին ու կը սրսկէին։ Քանզի ժողովուրդին մէջ չսրբուածները շատ էին ու բոլոր մաքուր չեղողներուն համար զատկի գառը Ղեւտացիները կը մորթէին, որպէս զի զանիկա Տէրոջը առջեւ սրբացնեն։ Վասն զի ժողովուրդէն շատերը, այսինքն Եփրեմէն, Մանասէէն, Իսաքարէն ու Զաբուղոնէն եկողներէն շատերը մաքուր չէին։ Ամէն պարագայի զատիկը կերան՝ բայց ո՛չ թէ գրուածին համեմատ, իսկ Եզեկիա անոնց համար աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Բարերար Տէրը քաւութիւն թող ընէ այն բոլոր մարդոց, Որոնք սրտանց փնտռեցին Տէր Աստուածը, իրենց հայրերուն Աստուածը, թէեւ անոնք սրբարանին մաքրութեանը համեմատ մաքրուած չէին»։ Տէրը Եզեկիային աղօթքը լսեց ու ժողովուրդին թողութիւն տուաւ՝ ՝։ Երուսաղէմի մէջ գտնուող Իսրայէլի որդիները մեծ ուրախութեամբ եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ու Ղեւտացիները եւ քահանաները ամէն օր բարձրաձայն նուագարաններ հնչեցնելով ՝ Տէրը կ’օրհնէին։ Եզեկիա քաղցրութեամբ խօսեցաւ Տէրոջը բարի հանճարը իմացող բոլոր Ղեւտացիներուն։ Տօնին եօթը օրը խաղաղութեան զոհեր մատուցանելով ու իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն գոհութիւն տալով կ’ուտէին։ Բոլոր ժողովուրդը խորհուրդ ըրին, որ ուրիշ եօթը օր ալ տօն պահեն ։ Եօթը օր ալ մեծ ուրախութիւն ըրին։ Քանզի Յուդայի Եզեկիա թագաւորը ժողովուրդին հազար զուարակ ու եօթը հազար ոչխար պարգեւեց։ Իշխաններն ալ ժողովուրդին հազար զուարակ ու տասը հազար ոչխար պարգեւեցին ու շատ քահանաներ սրբուեցան։ Բոլոր Յուդայի ժողովուրդը ու քահանաներն ու Ղեւտացիները եւ Իսրայէլէն եկողներուն բոլոր ժողովուրդը ու Իսրայէլի երկրէն եկող եւ Յուդայի մէջ բնակող պանդուխտները ուրախացան։ Երուսաղէմի մէջ մեծ ուրախութիւն եղաւ։ Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին օրերէն ի վեր Երուսաղէմի մէջ այսպիսի ուրախութիւն եղած չէր։ Անկէ ետքը Ղեւտացի քահանաները ելան ու ժողովուրդը օրհնեցին եւ անոնց ձայնը լսուեցաւ ու անոնց աղօթքը Աստուծոյ սուրբ բնակարանը՝ երկինք՝ հասաւ։ Երբ այս ամէնը լմնցաւ, հոն գտնուող բոլոր Իսրայելացիները Յուդայի քաղաքները գացին եւ բոլոր Յուդայի, Բենիամինի, Եփրեմի ու Մանասէի մէջ եղող արձանները կտոր կտոր ըրին, Աստարովթին կուռքերը կոտրտեցին եւ բարձր տեղերն ու սեղանները փլցուցին, այնպէս որ բան մը չթողուցին։ Ետքը Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքները դարձան։ Ամէն մարդ իր կալուածը։ Եզեկիա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժանումները հաստատեց իր կարգերուն համեմատ, թէ՛ քահանաներուն եւ թէ՛ Ղեւտացիներուն, ամէն մէկուն գործին նայելով, ողջակէզներու ու խաղաղութեան զոհերու համար ու Տէրոջը սրահներուն դռներուն մէջ պաշտելու, գովելու ու օրհնութիւն երգելու համար։ Նաեւ իր ստացուածքէն ողջակէզներուն համար, այսինքն Տէրոջը օրէնքի գրքին մէջ գրուածին պէս, առաւօտեան ու երեկոյան ողջակէզներուն համար եւ շաբաթներուն ու ամսագլուխներուն ու հանդիսաւոր տօներուն ողջակէզներուն համար, թագաւորին բաժինը որոշեց ։ Երուսաղէմի մէջ բնակող ժողովուրդին հրամայեց որ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բաժինը տան, որպէս զի անոնք Տէրոջը օրէնքը կատարելու նուիրուին։ Երբ այս հրամանը հրատարակուեցաւ, Իսրայէլի որդիները ցորենին, գինիին, իւղին, մեղրին եւ բոլոր անդաստաններու բերքերուն երախայրիները առատութեամբ բերին ու ամէն բանի տասանորդը առատապէս բերին։ Յուդայի քաղաքներուն մէջ բնակող Իսրայէլի ու Յուդայի որդիները՝ անոնք ալ արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդները եւ իրենց Տէր Աստուծոյն նուիրած սուրբ բաներուն տասանորդները բերին ու դիզեցին։ Անոնք երրորդ ամսուան մէջ սկսան դիզել եւ եօթներորդ ամսուան մէջ լմնցուցին։ Եզեկիա ու իշխանները եկան ու երբ այն դէզերը տեսան՝ Տէրը ու անոր Իսրայէլ ժողովուրդը օրհնեցին։ Եզեկիա այն դէզերուն համար քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն հարցուց։ Եւ Սադովկի տունէն եղող մեծ քահանան՝ Ազարիան՝ անոր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Երբ ընծաները Տէրոջը տունը բերելու սկսան՝ կերանք, կշտացանք ու խիստ շատ աւելցաւ, վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը օրհնեց ու աւելցածը այս առատութիւնն է»։ Եզեկիա հրամայեց որ Տէրոջը տանը մէջ շտեմարաններ պատրաստեն ու պատրաստեցին։ Եւ ընծաներն ու տասանորդները ու սուրբ բաները հաւատարմութեամբ ներս տարին։ Անոնց վերակացուն Ղեւտացի Քոնոնիան էր ու անոր եղբայրը Սեմէին անոր փոխանորդն էր։ Յեքիէլը, Ազազիան, Նահաթը, Ասայէլը, Յերիմովթը, Յովզաբադը, Եղիէլը, Յեսմաքիան, Մաաթն ու Բանիան Քոնոնիային ու անոր եղբօրը Սեմէիին ձեռքին տակ՝ Եզեկիա թագաւորին ու Տէրոջը տանը առաջնորդին՝ Ազարիային՝ հրամանով վերակացուներ էին։ Արեւելեան կողմին դռնապանը Ղեւտացի Յեմնային որդին Կովրէն, Տէրոջը բարձրացնելու ընծաներն ու ամենասուրբ բաները բաժնելու համար՝ Աստուծոյ կամաւոր ընծաներուն վրայ էր։ Անոր հրամանին տակ քահանաներու քաղաքներուն մէջ՝ Եդենին, Մինիամինին, Յեսուին, Սեմայիային, Ամարիային ու Սեքենիային յանձնուած էր՝ իրենց եղբայրներուն, մեծին ու պզտիկին պաշտօնին նայելով ընծաներ բաժնելը։ Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած երեք տարեկանէն վեր եղող բոլոր արուները, որոնք օրէ օր Տէրոջը տունը կը մտնէին իրենց պարտականութիւնները, իրենց պաշտօններուն համեմատ իրենց ծառայութիւնը կատարելու համար։ Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած քահանաներուն, իրենց ազգատոհմերուն համեմատ ու քսան տարեկանէն վեր եղող Ղեւտացիներուն, իրենց պարտականութիւններուն ու իրենց պաշտօններուն մէջ։ Նաեւ ազգահամարին մէջ գրուած անոնց բոլոր ընտանիքներուն, կիներուն, տղաքներուն ու աղջիկներուն, այսինքն անոնց բոլոր անդամներուն. քանզի հաւատարմութեամբ կը սրբուէին։ Եւ անոնց քաղաքներուն արուարձաններուն արտերուն մէջ եղող Ահարոնին որդիներուն, քահանաներուն համար՝ ամէն քաղաքի մէջ իրենց անուններովը յիշուած մարդիկ կային, որոնք քահանաներուն բոլոր արուներուն ու Ղեւտացիներու ազգահամարին մէջ բոլոր գրուածներուն բաժիններ կու տային։ Եզեկիա բոլոր Յուդայի մէջ այսպէս կարգադրեց եւ իր Տէր Աստուծոյն առջեւ բարի, ուղիղ ու ճշմարիտ եղածը ըրաւ։ Իր ձեռք զարկած բոլոր գործերը, թէ՛ Աստուծոյ տանը ծառայութեանը համար եւ թէ՛ օրէնքին ու պատուիրանքին համար, իր բոլոր սրտովը իր Աստուածը փնտռելով ըրաւ ու յաջողեցաւ։ Այս բաներէն ու ճշմարտութենէն՝ ՝ յետոյ, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը եկաւ ու Յուդայի երկիրը մտնելով՝ պարսպապատ քաղաքներուն դէմ բանակեցաւ։ Միտքը դրած էր, որ զանոնք բռնութեամբ գրաւէ։ Եզեկիա տեսնելով որ Սենեքերիմ եկեր է ու Երուսաղէմի դէմ պատերազմիլ կ’ուզէ, Իր իշխաններուն ու զօրապետներուն հետ խորհուրդ ըրաւ, որ քաղաքէն դուրս եղող աղբիւրներուն ջուրերը գոցէ։ Անոնք իրեն օգնեցին։ Շատ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ ու բոլոր աղբիւրները ու երկրին մէջէն անցնող հեղեղատը գոցեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար Ասորեստանի թագաւորները գան ու առատ ջուր գտնեն»։ Եզեկիա զինք ուժովցուց եւ բոլոր փլած պարիսպները շինեց ու աշտարակները բարձրացուց ու դուրսէն ուրիշ պարիպ մըն ալ շինեց եւ Դաւիթի քաղաքին մէջ եղող Մելօնը նորոգեց ու շատ նիզակներ ու ասպարներ շինեց։ Ժողովուրդին վրայ պատերազմի զօրապետներ դրաւ ու զանոնք քաղաքին դրանը հրապարակին մէջ իր քով հաւաքեց եւ անոնց հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Զօրացէ՛ք ու քաջասիրտ եղէ՛ք. Ասորեստանի թագաւորին երեսէն մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. վասն զի մեզի հետ եղողները անոր հետ եղողներէն շատ են։ Անոր հետ մարմնեղէն բազուկ կայ, բայց մեզի հետ եղողը մեր Տէր Աստուածն է, որ պիտի օգնէ մեզի ու մեր պատերազմներուն մէջ պիտի առաջնորդէ»։ Ժողովուրդը Յուդայի Եզեկիա թագաւորին խօսքերէն սիրտ առաւ՝ ՝։ Ասկէ յետոյ Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը, երբ ինք ու իր բոլոր իշխանները Լաքիս եկած էին, իր ծառաները Երուսաղէմ ղրկեց Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ու Երուսաղէմ եղող բոլոր Յուդային՝ ըսելով. «Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք որո՞ւ ապաւինելով Երուսաղէմ պաշարման մէջ կը նստիք. Չէ՞ որ Եզեկիա ձեզ գլխէ կը հանէ, որպէս զի ձեզ անօթութեամբ եւ ծարաւով մեռնելու մատնէ, ըսելով թէ՝ «Մեր Տէր Աստուածը մեզ Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատէ»։ Ասիկա նոյն Եզեկիան չէ՞, որ անոր բարձր տեղերն ու սեղանները վերցուց եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսաւ. «Միայն մէկ սեղանի առջեւ երկրպագութիւն ըրէք ու անոր վրայ խունկ ծխեցէք»։ Չէ՞ք գիտեր թէ երկիրներուն բոլոր ժողովուրդներուն ի՛նչ ըրինք ես ու իմ հայրերս. միթէ այն երկիրներուն ազգերուն աստուածները իրենց երկիրները կրցա՞ն իմ ձեռքէս ազատել։ Իմ հայրերուս բնաջինջ ըրած ազգերուն բոլոր աստուածներէն ո՞րը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ազատել կրցաւ, որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս կարենայ ազատել։ Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ ու ձեզ այդպէս գլխէ թող չհանէ, անոր մի՛ հաւատաք. վասն զի ազգի մը կամ թագաւորութեան մը ոեւէ մէկ աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս ու իմ հայրերուս ձեռքէն չկրցաւ ազատել. ո՞ւր մնաց որ ձեր Աստուածը ձեզ իմ ձեռքէս ազատէ’»։ Անոր ծառաները Տէր Աստուծոյ դէմ ու անոր ծառային Եզեկիային դէմ աւելի խօսքեր ալ ըսին։ Սենեքերիմ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյ հայհոյելով ու անոր դէմ խօսելով նամակ գրեց ու ըսաւ. «Ինչպէս միւս երկիրներուն ազգերուն աստուածները իրենց ժողովուրդները իմ ձեռքէս չկրցան ազատել, այնպէս Եզեկիային Աստուածը իր ժողովուրդը իմ ձեռքէս պիտի չկրնայ ազատել»։ Եւ պարսպին վրայ եղող Երուսաղէմի ժողովուրդին՝ բարձր ձայնով Եբրայեցերէն պոռացին զանոնք վախցնելու ու շփոթութեան մէջ ձգելու համար, որպէս զի քաղաքը առնեն։ Երուսաղէմի Աստուծոյն դէմ խօսեցան՝ ինչպէս միւս երկրի ժողովուրդներուն աստուածներուն դէմ, որոնք մարդու ձեռագործ են։ Եզեկիա թագաւորը եւ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն այս բանին համար դէպի երկինք աղաղակելով աղօթք ըրին։ Տէրը հրեշտակ մը ղրկեց ու Ասորեստանի թագաւորին բանակին մէջ ամէն զօրաւոր կտրիճ ու իշխան ու զօրագլուխ զարկաւ։ Սենեքերիմ ամօթով իր երկիրը դարձաւ ու իր աստուծոյն տունը մտաւ եւ իր երանքէն ելած որդիները զանիկա սրով մեռցուցին։ Այսպէս Տէրը Եզեկիան ու Երուսաղէմի բնակիչները Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին ձեռքէն եւ ամենուն ձեռքէն ազատեց ու զանոնք ամէն կողմանէ պաշտպանեց։ Շատերը Տէրոջը ընծաներ բերին Երուսաղէմ ու Յուդայի Եզեկիա թագաւորին ալ պատուական բաներ։ Անկէ ետքը անիկա բոլոր ազգերուն առջեւ բարձրացաւ։ Այն օրը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ եւ Տէրը խօսեցաւ անոր ու հրաշք մը ըրաւ՝ ՝ անոր։ Եզեկիա իր ընդունած բարիքին փոխարէն շնորհակալութիւն չմատուցանեց, վասն զի անոր սիրտը հպարտացաւ. ուստի անոր վրայ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ բարկութիւն եկաւ։ Բայց Եզեկիա իր սրտին հպարտութեանը համար խոնարհեցաւ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ Երուսաղէմի բնակիչները. անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը Եզեկիայի օրերը անոնց վրայ չեկաւ։ Եզեկիա խիստ շատ հարստութիւն ու փառք ունեցաւ։ Անիկա իրեն արծաթի, ոսկիի, պատուական քարերու, խունկերու, զէնքերու ու ամէն տեսակ ցանկալի անօթներու համար գանձարաններ շինեց։ Եւ ցորենի ու գինիի ու իւղի բերքերուն համար՝ շտեմարաններ եւ ամէն տեսակ անասուններու համար՝ ախոռներ ու հօտերու համար փարախներ շինեց։ Քաղաքներ շինեց իրեն։ Շատ ոչխարներ ու արջառներ ստացաւ. վասն զի Աստուած խիստ շատ ստացուածք տուաւ անոր։ Եզեկիան Գեհոնին վերի ջրանցքը գոցեց ու զանիկա դէպի վար Դաւիթի քաղաքին արեւմտեան կողմը ուղղեց։ Եզեկիա իր բոլոր գործերուն մէջ յաջողութիւն գտաւ։ Բայց երբ Բաբելոնի իշխաններուն դեսպանները անոր ղրկուեցան՝ երկրին մէջ եղած հրաշքին մասին հարցնելու համար, Աստուած զանիկա թողուց որպէս զի փորձէ ու բոլոր անոր սրտին մէջ եղածը գիտնայ։ Ու Եզեկիայի մնացորդ պատմութիւնն ու անոր բարեպաշտութիւնը՝ ահա Ամովսի որդիին Եսայի մարգարէին մարգարէութեանը մէջ եւ Յուդայի ու Իսրայէլի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։ Ու Եզեկիա իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա Դաւիթի որդիներուն ամենէն բարձր գերեզմաններուն մէջ թաղեցին եւ բոլոր Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչները պատիւ ըրին անոր իր մահուան ատենը ու անոր տեղ անոր որդին Մանասէն թագաւոր եղաւ։ Մանասէն տասնըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ յիսունըհինգ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն վռնտած ազգերուն գարշելի գործերուն պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Անիկա իր հօրը Եզեկիային կործանած բարձր տեղերը նորէն շինեց ու Բահաղիմին սեղաններ կանգնեցուց եւ Աստարովթին կուռքեր շինեց ու երկնքի բոլոր զօրութիւններուն երկրպագութիւն ըրաւ եւ անոնց ծառայութիւն ըրաւ Ու սեղաններ շինեց Տէրոջը տանը մէջ, որուն համար Տէրը ըսած էր թէ «Իմ անունս յաւիտեան Երուսաղէմի մէջ պիտի ըլլայ»։ Տէրոջը տանը երկու գաւիթներուն մէջ երկնքի բոլոր զօրութիւններուն սեղաններ շինեց։ Անիկա Ենովմին որդիին ձորին մէջ իր որդիները կրակէ անցուց ու գուշակութիւն, հմայութիւն ու դիւթութիւն կ’ընէր, վհուկներ ու նշանագէտներ ունէր եւ Տէրոջը առջեւ շատ չարութիւն ըրաւ ու զանիկա բարկացուց։ Իր շինած քանդակեալ կուռքը Աստուծոյ տունը դրաւ, որուն համար Աստուած Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին ըսեր էր՝ «Իմ անունս այս տանը մէջ ու Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն իմ ընտրած Երուսաղէմիս մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան Եւ Իսրայէլին ոտքը անգամ մըն ալ պիտի չշարժեմ այդ երկրէն, որուն մէջ ձեր հայրերը հաստատեցի. միայն թէ անոնք զգուշութեամբ գործադրեն այն օրէնքները, կանոններն ու պատուիրանքները, որոնք Մովսէսին միջոցով իրենց պատուիրեցի»։ Բայց Մանասէն՝ Յուդան ու Երուսաղէմի բնակիչները այնպէս մոլորցուց, որ Տէրոջը Իսրայէլի որդիներուն առջեւէն կորսնցուցած ազգերէն աւելի չարութիւն ըրին։ Տէրը Մանասէին ու անոր ժողովուրդին խօսեցաւ, բայց անոնք մտիկ չըրին։ Տէրը անոնց վրայ Ասորեստանի թագաւորին զօրագլուխները բերաւ, որոնք Մանասէն կարթերով բռնեցին եւ զանիկա ոտնակապերով կապեցին ու Բաբելոն տարին։ Անիկա իր նեղութեան ատենը իր Տէր Աստուծոյն երեսը փնտռեց եւ իր հայրերուն Աստուծոյն առջեւ մեծապէս խոնարհեցաւ։ Անոր աղօթք ըրաւ։ Տէրը անոր աղօթքը ընդունեց ու անոր աղաչանքը լսեց ու զանիկա Երուսաղէմ իր թագաւորութեանը դարձուց։ Այն ատեն Մանասէն իմացաւ թէ Եհովա է Աստուած։ Անկէ ետքը Դաւիթին քաղաքին դուրսը, Գեհոնի արեւմտեան կողմը հեղեղատին մէջ ու մինչեւ Ձուկերուն Դրանը բերանը պարիսպ մը շինեց, Ոփաղն ալ մէջը առնելով ու զանիկա շատ բարձրացուց եւ Յուդայի բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն մէջ զինուորական իշխաններ դրաւ։ Օտար աստուածներն ու կուռքերը Տէրոջը տունէն վերցուց ու Տէրոջը տանը լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ իր շինած բոլոր սեղանները վերցուց եւ քաղաքէն դուրս նետեց։ Տէրոջը սեղանը շինեց եւ անոր վրայ խաղաղութեան ու շնորհակալութեան զոհեր մատուցանեց եւ Յուդային պատուիրեց, որ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընեն, Սակայն ժողովուրդը տակաւին բարձր տեղերու վրայ զոհ կը մատուցանէին, բայց միայն իրենց Տէր Աստուծոյն։ Մանասէին մնացորդ պատմութիւնն ու իր Աստուծոյն ըրած աղօթքը ու Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունովը անոր տեսանողներուն խօսքերը ահա Իսրայէլի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած են։ Անոր աղօթքը եւ ընդունուիլն ու անոր բոլոր մեղքը ու յանցանքը եւ այն տեղերը՝ ուր իր դարձի գալէն առաջ բարձր տեղեր շինեց ու Աստարովթին կուռքեր ու քանդակուած կուռքեր կանգնեցուց, ահա Հօզայի ժամանակագրութեան մէջ գրուած են։ Մանասէն իր հայրերուն հետ քնացաւ ու զանիկա իր տանը մէջ թաղեցին։ Անոր տեղ անոր որդին Ամոնը թագաւոր եղաւ։ Ամոն քսանըերկու տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ իր հօրը Մանասէին ըրածին պէս եւ իր հօրը Մանասէին շինած բոլոր կուռքերուն զոհ մատուցանեց ու անոնց ծառայութիւն ըրաւ։ Բայց Տէրոջը առջեւ չխոնարհեցաւ, ինչպէս իր հայրը Մանասէն խոնարհեր էր. ընդհակառաը Ամոնը աւելի յանցանք գործեց։ Իր ծառաները դաւաճանութիւն ըրին իրեն դէմ ու իր տանը մէջ մեռցուցին։ Ու երկրին ժողովուրդն ալ Ամոն թագաւորին դէմ բոլոր դաւաճանութիւն ընողները մեռցուցին ու երկրին ժողովուրդը անոր որդին Յովսիան անոր տեղ թագաւոր դրին։ Յովսիա ութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեսունըմէկ տարի թագաւորեց։ Անիկա Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ ու իր հօրը Դաւիթին ճամբաներուն մէջ քալեց ու աջ կամ ձախ կողմը չխոտորեցաւ։ Իր թագաւորութեան ութերորդ տարին, երբ դեռ ինք պատանի էր, իր հօրը Դաւիթին Աստուածը փնտռել սկսաւ ու տասնըերկրորդ տարին՝ Յուդան ու Երուսաղէմը բարձր տեղերէն, Աստարովթի կուռքերէն եւ քանդակուած ու ձուլածոյ կուռքերէն մաքրեց։ Բահաղիմին սեղանները անոր առջեւ կործանեց ու անոնց վրայի արեգակի կուռքերը կոտրտեց եւ Աստարովթին կուռքերն ու քանդակուած ու ձուլածոյ կուռքերը մանրեց ու փշրեց ու անոնց զոհ մատուցանողներուն գերեզմաններուն վրայ ցանեց։ Քուրմերուն ոսկորները անոնց սեղաններուն վրայ այրեց ու Յուդան ու Երուսաղէմը մաքրեց։ Մանասէին ու Եփրեմին ու Շմաւոնին քաղաքներուն մէջ մինչեւ Նեփթաղիմ եւ անոնց բոլորտիքը եղած աւերակ տեղերը նոյնպէս ըրաւ ՝ ՝։ Սեղանները եւ Աստարովթին կուռքերը կործանեց ու քանդակուած կուռքերը մանրեց ու փշրեց եւ Իսրայէլի բոլոր երկրին մէջ եղող բոլոր արեգակի կուռքերը կոտրտեց ու Երուսաղէմ դարձաւ։ Իր թագաւորութեանը տասնըութերորդ տարին երկիրն ու իր տունը մաքրեց, ապա Եսելիային որդին Սափանն ու քաղաքին իշխանը Մաասիան ու Յովաքազին որդին Յովաքը՝ յիշատակներու դպիրը՝ ղրկեց, որպէս զի իր Տէր Աստուծոյն տունը նորոգեն։ Անոնք Քեղկիա քահանայապետին եկան ու Աստուծոյ տունը բերուած ստակը առին, որ Ղեւտացիները, դրան պահապանները, Մանասէին ու Եփրեմին ձեռքէն եւ Իսրայէլի բոլոր մնացորդէն ու բոլոր Յուդայէն ու Բենիամինէն ու Երուսաղէմի բնակիչներէն հաւաքեր էին, Տէրոջը տանը գործին վրայ դրուած բանուորներուն ձեռքը տուին. անոնք ալ Տէրոջը տանը մէջ գործող բանուորներուն տուին՝ տունը նորոգելու եւ շինելու համար. Այսինքն հիւսներուն ու շինողներուն տուին, որպէս զի Յուդայի թագաւորներուն աւերած տուները շինելու համար տաշուած քարեր ու գերաններու համար փայտեր ծախու առնեն։ Այն մարդիկը գործը հաւատարմութեամբ կը բանէին ու գործը յառաջ տանելու համար անոնց վրայ կեցողները Մերարիին որդիներէն՝ Ղեւտացի Յեթն ու Աբդիան եւ Կահաթեաններու որդիներէն Զաքարիան ու Մեսուղամն էին. նաեւ Ղեւտացիները, նուագարաններուն աղէկ տեղեակ եղողներուն ամէնքը. Նաեւ բեռնակիրներուն ու ամէն տեսակ գործ կատարողներուն վերակացուներն էին։ Դպիրները, ոստիկաններն ու դռնապանները Ղեւտացիներէն էին։ Երբ Տէրոջը տունը բերուած ստակը կը հանէին, Քեղկիա քահանան Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը գտաւ։ Քեղկիա Սափան դպիրին ըսաւ. «Տէրոջը տանը մէջ օրէնքներու գիրք մը գտայ»։ Քեղկիա այն գիրքը Սափանին տուաւ։ Սափան գիրքը թագաւորին տարաւ ու տեղեկացուց՝ ըսելով. «Քու ծառաներդ իրենց յանձնուած բոլոր գործը կատարեցին Եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ստակը հանեցին ու զանիկա վերակացուներուն ձեռքը ու գործը կատարողներուն ձեռքը տուին»։ Սափան դպիրը թագաւորին պատմեց ու ըսաւ. «Քեղկիա քահանան ինծի գիրք մը տուաւ»։ Սափան անոր մէջէն թագաւորին առջեւ կարդաց։ Թագաւորը օրէնքներու խօսքերը լսածին պէս իր հանդերձները պատռեց։ Թագաւորը Քեղկիային ու Սափանին որդիին Աքիկամին ու Միքային որդիին Աբդօնին եւ Սափան դպիրին ու թագաւորին ծառայ Ասայիային պատուիրեց ու ըսաւ. «Գացէք ինծի եւ Իսրայէլի ու Յուդայի մնացորդներուն համար այս գտնուած գրքին խօսքերուն վրայով Տէրոջը հարցուցէք. քանի որ մեր հայրերը Տէրոջը խօսքը չպահեցին եւ այս գրքին մէջ բոլոր գրուածները չկատարեցին, ուստի մեր վրայ թափուեցաւ Տէրոջը մեծ բարկութիւնը»։ Ու Քեղկիան եւ թագաւորին մարդիկը Ասրային որդիին Թեկուային որդիին Սեղղում հանդերձապետին կնոջ, Ողդա մարգարէուհիին գացին եւ անիկա Երուսաղէմ Մասենայի մէջ կը բնակէր ու անոր հետ այդ մասին խօսեցան։ Ողդան ըսաւ անոնց. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ինծի ղրկող մարդուն ըսէք. «Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն այն բոլոր անէծքները, որոնք Յուդայի թագաւորին առջեւ կարդացուած գրքին մէջ գրուած են, Քանզի զիս թողուցին եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, որպէս զի իրենց ձեռքերուն բոլոր գործերովը զիս բարկացնեն. ուստի այս տեղին վրայ իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու պիտի չմարի»։ Բայց Տէրոջը հարցնելու համար ձեզ ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ լսած խօսքերուդ համար. Որովհետեւ քու սիրտդ կակղացաւ ու Աստուծոյ առջեւ խոնարհեցար, երբ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ անոր ըսած խօսքերը լսեցիր եւ իմ առջեւս խոնարհեցար ու հանդերձներդ պատռեցիր ու իմ առջեւս լացիր, ես ալ լսեցի», կ’ըսէ Տէրը։ Ահա ես քեզ քու հայրերուդ պիտի խառնեմ ու խաղաղութեամբ քու գերեզմանիդ մէջ պիտի ամփոփուիս եւ այս տեղին վրայ ու անոր բնակիչներուն վրայ իմ բերելու բոլոր չարիքներս քու աչքերդ պիտի չտեսնեն’»։ Ու անոնք թագաւորին պատասխան տարին։ Թագաւորը մարդ ղրկեց ու Յուդայի բոլոր ծերերը հաւաքեց։ Թագաւորն ու Յուդայի բոլոր մարդիկը ու Երուսաղէմի բնակիչները եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները ու բոլոր ժողովուրդը, մեծէն մինչեւ պզտիկը, Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը մէջ գտնուած ուխտի գրքին բոլոր խօսքերը անոնց առջեւ կարդաց։ Ու թագաւորը իր տեղը ոտքի վրայ կանգնեցաւ ու Տէրոջը առջեւ ուխտ ըրաւ, որպէս զի այն գրքին մէջ գրուած ուխտին խօսքերը կատարելու համար Տէրոջը ետեւէն երթայ եւ անոր պատուիրանքներն ու վկայութիւնները եւ կանոնները բոլոր սրտով ու բոլոր հոգիով պահէ։ Երուսաղէմի ու Բենիամինի մէջ բոլոր գտնուողները կանգնեցուց ու Երուսաղէմի բնակիչները իրենց հայրերուն Աստուծոյն ուխտին պէս ըրին։ Յովսիա Իսրայէլի որդիներուն բոլոր երկիրներէն բոլոր գարշութիւնները վերցուց ու բոլոր Իսրայէլի մէջ գտնուողներուն իրենց Տէր Աստուծոյն ծառայութիւն ընել տուաւ։ Անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ իրենց հայրերուն Տէր Աստուծմէն չխոտորեցան։ Յովսիա Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը զատիկը տօնեց ու զատիկը առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը մորթեցին։ Քահանաները իրենց պահպանութեանը վրայ կեցուց ու զանոնք քաջալերեց, որ Տէրոջը տանը ծառայութիւն ընեն։ Բոլոր Իսրայէլին սորվեցնող ու Տէրոջը նուիրուած Ղեւտացիներուն ըսաւ. «Սուրբ տապանակը Իսրայէլի թագաւորին, Դաւիթին որդիին Սողոմոնին, շինած տունը դրէք, ձեր ուսերուն վրայ բեռ թող չըլլայ ու ձեր Տէր Աստուծոյն ու անոր ժողովուրդին Իսրայէլին ծառայութիւն ըրէ՛ք։ Ձեր ազգատոհմերովն ու ձեր բաժանումներովը՝ Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին գրածին պէս ու անոր որդիին Սողոմոնին գրածին պէս պատրաստ եղէ՛ք։ Ձեր եղբայրներուն, ժողովուրդին որդիներուն տոհմերուն որոշումներուն համեմատ ու Ղեւտացիներուն ազգատոհմերուն բաժանումներուն համեմատ, սրբարանին մէջ կեցէք։ Զատիկը մորթեցէ՛ք ու սրբուեցէ՛ք ու զանիկա ձեր եղբայրներուն համար պատրաստեցէ՛ք, որպէս զի անոնք Տէրոջը Մովսէսին միջոցով ըսած խօսքին պէս ընեն։ Յովսիա բոլոր հոն գտնուող ժողովուրդին որդիներուն՝ իր հօտերէն երեսուն հազար գառ ու այծի ձագ պարգեւեց, ամէնքն ալ զատկի համար, նաեւ երեք հազար արջառ։ Ասոնք թագաւորին ստացուածքէն էին։ Իր իշխաններն ալ ժողովուրդին, քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն յօժարութեամբ պարգեւ տուին։ Աստուծոյ տանը իշխանները՝ Քեղկիան, Զաքարիան ու Յեքիէլը, զատկի համար երկու հազար վեց հարիւր գառ ու երեք հարիւր արջառ քահանաներուն տուին։ Քոնոնիան ու անոր եղբայրները, Սեմայիան ու Նաթանայէլը ու Ղեւտացիներուն իշխանները, Ասաբիան, Յէիէլը եւ Յովզաբադը, զատկի համար Ղեւտացիներուն հինգ հազար գառ ու հինգ հազար արջառ պարգեւեցին։ Պաշտամունքը պատրաստուեցաւ ու թագաւորին հրամայածին պէս, քահանաները իրենց կարգին համեմատ ու Ղեւտացիները իրենց բաժանումներուն համեմատ կեցան. Զատիկը կը մորթէին ու քահանաները անոնց ձեռքէն արիւնը առնելով կը սրսկէին. իսկ Ղեւտացիները մորթը կը հանէին Եւ ողջակէզ ըլլալու մասերը կը զատէին ու զանոնք ժողովուրդին որդիներուն՝ ազգատոհմերուն համեմատ՝ կը բաժնէին, որպէս զի Տէրոջը մատուցանեն Մովսէսին գրքին մէջ գրուածին պէս։ Արջառներն ալ նոյնպէս կ’ընէին ։ Զատիկը սովորութեան համաձայն կրակով խորովեցին. բայց նուիրուած բաները կաթսաներով, սաներով ու տապակներով եփեցին ու փութով բաժնեցին բոլոր ժողովուրդին։ Իրենց քահանաներուն համար ետքը պատրաստեցին. քանզի Ահարոնին որդիները՝ քահանաները, մինչեւ գիշեր ողջակէզներն ու ճարպերը մատուցանելով զբաղած էին. ուստի Ղեւտացիները իրենց համար եւ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ համար պատրաստեցին։ Իսկ Ասափին որդիները, երգողները, Դաւիթին ու Ասափին ու Եմանին եւ թագաւորական տեսանող Իդիթունին պատուիրածին համեմատ իրենց տեղը ու դռնապանները մէկ մէկ դուռը կեցեր էին. պէտք չեղաւ որ իրենց պաշտօնէն զատուին. վասն զի անոնց համար անոնց եղբայրները, Ղեւտացիները կը պատրաստէին։ Յովսիա թագաւորին հրամայածին պէս՝ այն օրը Տէրոջը բոլոր պաշտամունքը կարգի դրուեցաւ, զատիկը ընելու ու ողջակէզները Տէրոջը սեղանին վրայ մատուցանելու համար։ Այն ատեն հոն գտնուող Իսրայէլի որդիները զատիկն ու բաղարջակերաց տօնը եօթը օր ըրին։ Սամուէլ մարգարէին օրերէն ի վեր Իսրայէլի մէջ ասոր պէս զատիկ մը եղած չէր. Յովսիային ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն բոլոր հոն գտնուող Յուդայի ու Իսրայէլի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըրած զատկին պէս Իսրայէլի բոլոր թագաւորները ըրած չէին։ Այս զատիկը Յովսիային թագաւորութեան տասնըութերորդ տարին եղաւ։ Այս բոլոր բաներէն եւ Յովսիային տաճարին կարգադրութիւնը հաստատելէն ետքը, Եգիպտոսի Նեքաւով թագաւորը Եփրատի քով Քարքամիս քաղաքին դէմ պատերազմելու գնաց։ Յովսիա զանիկա դիմաւորելու գնաց։ Նեքաւով դեսպաններ ղրկեց Յովսափատին ու ըսաւ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւոր, դուն ինծի հետ ի՞նչ գործ ունիս. ես այսօր քեզի դէմ ելած չեմ, հապա ինծի հետ պատերազմ ընող տանը դէմ։ Աստուած ինծի հրամայեց, որ շուտով ընեմ. ինծի հետ եղող Աստուծմէն ետ կեցիր, որպէս զի քեզ չկորսնցնէ»։ Բայց Յովսիա իր երեսը անկէ չդարձուց, հապա անոր հետ պատերազմելու համար իր հագուստը փոխեց՝ ՝ ու մտիկ չըրաւ Նեքաւովին խօսքին, որ Աստուծոյ բերնէն էր ու Մակեդդովի հովիտը պատերազմելու գնաց։ Աղեղնաւորները Յովսիա թագաւորը նետով զարկին։ Թագաւորը իր ծառաներուն ըսաւ. «Զիս վերցուցէք ասկէ, վասն զի սաստիկ վիրաւորուեցայ»։ Իր ծառաները զանիկա կառքէն հանեցին, իր երկրորդ կառքը հեծցնելով Երուսաղէմ տարին, ուր մեռաւ ու իր հայրերուն գերեզմաններուն մէջ թաղուեցաւ եւ բոլոր Յուդան ու Երուսաղէմը Յովսիային համար սուգ ըրին։ Երեմիան Յովսիային վրայ ողբաց։ Բոլոր երգողները՝ այրեր եւ կիներ՝ մինչեւ այսօր իրենց ողբերուն մէջ Յովսիան կը յիշեն։ Զանոնք երգելու սովորութիւնը Իսրայէլի մէջ մտցուցին, որոնք ողբերուն մէջ գրուած են։ Եւ Յովսիային մնացորդ պատմութիւնն ու անոր՝ Տէրոջը օրէնքին մէջ գրուածին համեմատ ըրած բարեգործութիւնը Եւ անոր առաջին ու վերջին պատմութիւնը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։ Երկրին ժողովուրդը Յովսիային որդին Յովաքազը առին ու զանիկա իր հօրը տեղ Երուսաղէմի մէջ թագաւոր ըրին։ Յովաքազ քսանըերեք տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս թագաւորութիւն ըրաւ։ Եգիպտոսի թագաւորը զանիկա Երուսաղէմի մէջ աթոռէն վար առաւ ու երկրին վրայ հարիւր տաղանդ արծաթ ու մէկ տաղանդ ոսկի տուրք դրաւ։ Եգիպտոսի թագաւորը անոր եղբայրը Եղիակիմը Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ թագաւոր դրաւ եւ անոր անունը Յովակիմի փոխեց ու Նեքաւով անոր եղբայրը Յովաքազը առաւ ու Եգիպտոս տարաւ։ Յովակիմ քսանըհինգ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Անոր վրայ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ելաւ ու զանիկա Բաբելոն տանելու համար ոտնակապերով կապեց։ Նաբուգոդոնոսոր Տէրոջը տանը անօթները առաւ ու Բաբելոն տարաւ ու զանոնք Բաբելոն իր տաճարին մէջ դրաւ։ Եւ Յովակիմին մնացորդ պատմութիւնն ու անոր ըրած գարշութիւնները եւ անոր վրայ գտնուածը ահա Իսրայէլի ու Յուդայի թագաւորներուն գրքին մէջ գրուած են։ Անոր տեղ անոր որդին Յովաքինը թագաւոր եղաւ։ Յովաքին տասնըութը տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ երեք ամիս ու տասը օր թագաւորեց։ Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ։ Հետեւեալ տարին Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զօրք ղրկեց եւ զանիկա ու Տէրոջը տաճարին պատուական սպասները Բաբելոն տարաւ եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ անոր եղբայրը Սեդեկիան թագաւոր դրաւ։ Սեդեկիան քսանըմէկ տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անիկա իր Տէր Աստուծոյն առջեւ չարութիւն ըրաւ ու Տէրոջը բերնէն խօսող Երեմիա Մարգարէին առջեւ չխոնարհեցաւ։ Նաեւ ապստամբեցաւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին դէմ, որ անոր երդում ընել տուեր էր Աստուծոյ անունովը ։ Իր պարանոցը խստացուց ու իր սիրտը կարծրացուց՝ որպէս զի Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն չդառնայ։ Քահանաներուն բոլոր իշխանները ու ժողովուրդն ալ ազգերուն բոլոր գարշութիւններուն հետեւելով՝ խիստ շատ անօրէնութիւններ ըրին ու Տէրոջը Երուսաղէմի մէջ սրբած տունը պղծեցին։ Անոնց հայրերուն Տէր Աստուածը՝ իր ժողովուրդին ու իր բնակարանին խնայելուն համար, իր պատգամաւորներուն միջոցով մեծ փութով՝ ՝ ազդարարութիւններ կը ղրկէր. Բայց անոնք Աստուծոյ ղրկած պատգամաւորները կ’անարգէին, անոր խօսքերը կ’արհամարհէին ու անոր մարգարէները ծաղր կ’ընէին. մինչեւ որ Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին վրայ բորբոքեցաւ, այնպէս որ ա՛լ բժշկութիւն չմնաց։ Անոնց վրայ Քաղդէացիներուն թագաւորը հանեց. անիկա ալ անոնց երիտասարդները անոնց սրբարանին մէջ սրով մեռցուց ու երիտասարդին ու կոյսին, ծերին ու ալեւորին չխնայեց. ամէնքն ալ Տէրը անոր ձեռքը մատնեց։ Ու Աստուծոյ տանը բոլոր մեծ ու պզտիկ անօթները ու Տէրոջը տանը գանձերը եւ թագաւորին ու անոր իշխաններուն գանձերը՝ ամէնքն ալ Բաբելոն տարաւ։ Եւ Աստուծոյ տունը այրեցին ու Երուսաղէմի պարիսպը փլցուցին ու անոր բոլոր պալատները կրակով այրեցին ու բոլոր գեղեցիկ բաները աւերեցին։ Սուրէն փախած մնացորդները Բաբելոն գերի տարին ու մինչեւ Պարսից թագաւորութեան հաստատուիլը, անոր եւ անոր որդիներուն ծառաները եղան, Որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի, մինչեւ երկիրը իր շաբաթները վայելէ։ Իր աւերման բոլոր օրերը շաբաթ պահեց, մինչեւ եօթանասուն տարին լմնցաւ։ Եւ Պարսից Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի, Տէրը Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց ու անիկա իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ հրատարակել տուաւ ու նաեւ հրովարտակ գրեց՝ ըսելով. «Այսպէս կ’ըսէ Կիւրոս, Պարսիկներու թագաւորը. ‘Երկնքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ ու անիկա ինծի պատուիրեց որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Եհովա Աստուածը իրեն հետ ըլլայ ու թող մեկնի’»։ Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին՝ որպէս զի Երեմիային բերնով ըսուած Տէրոջը խօսքը կատարուի՝ ՝, Տէրը Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին հոգին արթնցուց ու անիկա իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ հրատարակել տուաւ ու նաեւ հրովարտակ գրեց՝ ըսելով. «Այսպէս կ’ըսէ Կիւրոս, Պարսիկներու թագաւորը. ‘Երկնքի Եհովա Աստուածը երկրի բոլոր թագաւորութիւնները ինծի տուաւ ու անիկա ինծի պատուիրեց, որ Յուդայի Երուսաղէմի մէջ անոր տուն մը շինեմ։ Ձեր մէջ ով որ անոր ժողովուրդէն է, իր Աստուածը իրեն հետ ըլլայ, թող Յուդայի Երուսաղէմը երթայ եւ Իսրայէլին Եհովա Աստուծոյն, այն Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն, տունը շինէ։ Անոր քաղաքացիները, այսինքն բոլոր մնացողները, իրենց պանդխտութեանը տեղէն արծաթով, ոսկիով, ինչքերով ու անասուններով անոր օգնեն, Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյն տանը համար տրուած կամաւոր ընծաներէն զատ’»։ Այն ատեն Յուդայի ու Բենիամինի տոհմերուն իշխանները եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները ոտքի ելան այն բոլոր մարդոց հետ, որոնց հոգին Աստուած արթնցուցեր էր, որպէս զի երթան Երուսաղէմի մէջ Տէրոջը տունը շինեն։ Անոնց շուրջը եղողները ամէնքը կամաւոր ընծաներէն զատ արծաթէ ամաններով, ոսկիով, ինչքերով ու անասուններով եւ պատուական պարգեւներով անոնց օգնեցին։ Կիւրոս թագաւորը Տէրոջը տանը անօթները հանեց, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէն հաւաքելով՝ իր աստուծոյն տունը դրեր էր. Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը զանոնք Միթրիդատ գանձապետին ձեռքով հանել տուաւ ու համրանքով Յուդայի Սասբասար նախարարին յանձնեց։ Այս էր անոնց թիւը՝ երեսուն ոսկեղէն կոնք, հազար արծաթեղէն կոնք, քսանըինը դանակ, Երեսուն ոսկեղէն տաշտ՝ չորս հարիւր տասը արծաթէ տաշտ՝ երկրորդ կարգէն եւ հազարաւոր ուրիշ անօթներ։ Բոլոր ոսկիէ ու արծաթէ ամանները հինգ հազար չորս հարիւր հատ էին։ Անոնց ամէնքը Սասբասար Բաբելոնի գերութենէն գացողներուն հետ ղրկեց։ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին Բաբելոն գերի տարած գաւառի բնակիչները ասոնք էին, որոնք Երուսաղէմ ու Յուդա դարձան, ամէն մէկը իր քաղաքը։ Զօրաբաբէլին, Յեսուին, Նէեմիային, Սարայիային, Հռէէղիային, Մուրթքէին, Բաղասանին, Մասփարին, Բագուէին, Հռէումին ու Բաանային հետ եկան։ Ահա Իսրայէլի ժողովուրդին մարդոց թիւը՝ Փարոսի որդիները երկու հազար հարիւր եօթանասունըերկու. Սափատիայի որդիները երեք հարիւր եօթանասունըերկու. Արահի որդիները եօթը հարիւր եօթանասունըհինգ. Փաաթ-Մովաբի որդիները, Յեսուի ու Յովաբի որդիներէն, երկու հազար ութ հարիւր տասնըերկու. Եղամի որդիները հազար երկու հարիւր յիսունըչորս. Զաթուի որդիները ինը հարիւր քառասունըհինգ. Զաքքայի որդիները եօթը հարիւր վաթսուն. Բանիի որդիները վեց հարիւր քառասունըերկու. Բեբայի որդիները վեց հարիւր քսանըերեք. Ազգադի որդիները հազար երկու հարիւր քսանըերկու. Ադոնիկամի որդիները վեց հարիւր վաթսունըվեց. Բագուէի որդիները երկու հազար յիսունըվեց. Ադինի որդիները չորս հարիւր յիսունըչորս. Ատերի որդիները Եզեկիայէ իննիսունըութը Բեսէիի որդիները երեք հարիւր քսանըերեք. Յօրայի որդիները հարիւր տասնըերկու. Հասումի որդիները երկու հարիւր քսանըերեք. Գաբերի որդիները իննիսունըհինգ. Բեթլէհէմի որդիները հարիւր քսանըերեք. Նետոփայի մարդիկը յիսունըվեց. Անաթովթի մարդիկը հարիւր քսանըութը. Ազամօթի որդիները քառասունըերկու. Կարիաթարիմի, Կեփիրայի ու Բերովթի որդիները եօթը հարիւր քառասունըերեք. Ռամայի ու Գաբայի որդիները վեց հարիւր քսանըմէկ. Մաքմասի մարդիկը հարիւր քսանըերկու. Բեթէլի ու Գայիի մարդիկը երկու հարիւր քսանըերեք. Նաբաւի որդիները յիսունըերկու. Մակեբիսի որդիները հարիւր յիսունըվեց. Միւս Եղամի որդիները հազար երկու հարիւր յիսունըչորս. Հարիմի որդիները երեք հարիւր քսան. Ղովդի, Ադիդի ու Ովնովի որդիները եօթը հարիւր քսանըհինգ. Երիքովի որդիները երեք հարիւր քառասունըհինգ. Սենաայի որդիները երեք հազար վեց հարիւր երեսուն։ Քահանաները, Յեսուի տունէն Յեդայիայի որդիները ինը հարիւր եօթանասունըերեք. Եմմերի որդիները հազար յիսունըերկու. Փասուրի որդիները հազար երկու հարիւր քառասունըեօթը. Հարիմի որդիները հազար տասնըեօթը հոգի էին։ Ղեւտացիները, Ովդուիայի որդիներէն, Յեսուի ու Կադմիէլի որդիները եօթանասունըչորս հոգի էին։ Երգողները, Ասափի որդիները, հարիւր քսանըութը հոգի էին։ Դռնապաններուն որդիները, Սեղղումի որդիները, Ատերի որդիները, Տեղմոնի որդիները, Ակկուբի որդիները, Ատիտայի որդիները, Սուբայի որդիները ամէնքը հարիւր երեսունըինը հոգի էին։ Նաթանայիմները ասոնք էին ՝ Սիայի որդիները, Ասուփայի որդիները, Տաբաովդի որդիները, Կերոսի որդիները, Սիայի որդիները, Փադօնի որդիները, Ղաբանայի որդիները, Ագաբայի որդիները, Ակկուբի որդիները, Ագաբի որդիները, Սաղամէի որդիները, Անանի որդիները, Գեդդէլի որդիները, Գաաբի որդիները, Ռէայիայի որդիները, Ռասինի որդիները, Նեկոդայի որդիները, Գաղամի որդիները, Ոզայի որդիները, Փասէի որդիները, Բասիի որդիները, Ասենայի որդիները, Մովանիմի որդիները, Նեփուսիմի որդիները, Բակբոկի որդիները, Ակուփայի որդիները, Արուրի որդիները, Բասաղօթի որդիները, Մէիդայի որդիները, Արսայի որդիները, Բարկոսի որդիները, Սիսարայի որդիները, Թամայի որդիները, Նեսիայի որդիները, Ատեփայի որդիները. Սողոմոնի ծառաներուն որդիները, Սոտէի որդիները, Սոփերաթի որդիները, Փարեդայի որդիները, Յեղայի որդիները, Դերկոնի որդիները, Գեդդէլի որդիները, Սափատիայի որդիները, Ատտիլի որդիները, Փաքարաթ-Ասեփայիմի որդիները, Ամիի որդիները. Բոլոր Նաթանայիմներն ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները երեք հարիւր իննիսունըերկու հոգի էին։ Ու Թեղմեղայէ, Թեղարսայիէ, Քերուբէ, Ադդանէ ու Եմմերէ ելլողները ասոնք էին եւ իրենց հայրերուն տունն ու իրենց սերունդը, այսինքն Իսրայէլէ ըլլալնին, ցուցնելու կարող չեղան։ Դաղայիայի որդիները, Տուբիայի որդիները ու Նեկոդայի որդիները վեց հարիւր յիսունըերկու մարդ։ Եւ քահանաներուն որդիներէն՝ Աբայիայի որդիները, Ակկուսի որդիները, Բերզելիի որդիները, որ Գաղաադացի Բերզելիի աղջիկներէն կին առնելով՝ անոնց անունովը կոչուեցան։ Ասոնք իրենց ազգաբանութեան գիրքը փնտռեցին, բայց չկրցան գտնել ու անմաքուր սեպուելով՝ քահանայութենէ արգիլուեցան։ Եւ Աթարսաթա անոնց ըսաւ. «Մինչեւ որ Ուրիմով ու Թումիմով քահանայ մը չելլէ, անոնք ամենասուրբ բաներէն թող չուտեն»։ Գերութենէ դարձող ժողովուրդին ընդհանուր թիւը քառասունըերկու հազար երեք հարիւր վաթսուն հոգի էին, Բացի անոնց ծառաներէն ու աղախիններէն, որոնք եօթը հազար երեք հարիւր երեսունըեօթը հոգի էին ու անոնց մէջ երկու հարիւր այր եւ կին երգողներ կային։ Անոնց ձիերը եօթը հարիւր երեսունըվեց, ջորիները՝ երկու հարիւր քառասունըհինգ, Ուղտերը՝ չորս հարիւր երեսունըհինգ ու էշերը՝ վեց հազար եօթը հարիւր քսան հատ էին։ Տոհմերու իշխաններէն ոմանք, երբ Երուսաղէմ եղող Տէրոջը տունը գացին, Աստուծոյ տանը կամաւոր ընծաներ տուին, որպէս զի զանիկա իր տեղը հաստատեն։ Անոնք իրենց կարողութեանը չափ վաթսունըմէկ հազար դրամ ոսկի ու հինգ հազար մնաս արծաթ ու հարիւր քահանայական պատմուճան տուին գործաւորութեան գանձին։ Քահանաներն ու Ղեւտացիները ու ժողովուրդէն եղողները, երգողները, դռնապանները եւ Նաթանայիմները իրենց քաղաքներուն մէջ ու բոլոր Իսրայէլ իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան։ Երբ եօթներորդ ամիսը հասաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքներուն մէջ էին։ Ժողովուրդը մէկ մարդու պէս Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան։ Եւ Յովսեդեկեան Յեսուն ու անոր քահանայ եղբայրները եւ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու անոր եղբայրները ելան ու Իսրայէլի Աստուծոյն սեղանը շինեցին, որպէս զի անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանեն, ինչպէս Աստուծոյ մարդուն Մովսէսին օրէնքին գրքին մէջ գրուած է։ Ու սեղանը իր տեղը շինեցին. վասն զի այն երկիրներուն ժողովուրդներէն կը վախնային եւ անոր վրայ Տէրոջը առաւօտեան ու երեկոյեան ողջակէզները մատուցանեցին։ Եւ տաղաւարահարաց տօնը գրուածին պէս կատարեցին ու ամէն օրուան ողջակէզները իրենց թիւովը օրէ օր հրամայուածին պէս մատուցանեցին ։ Անկէ ետքը մշտնջենական ողջակէզը ու ամսագլուխներու եւ Տէրոջը ամէն սուրբ տօներուն ողջակէզները մատուցանեցին. նաեւ այն կամաւոր ընծաները՝ որոնք ամէն մարդ յօժար սրտով Տէրոջը կը մատուցանէր։ Եօթներորդ ամսուն առաջին օրէն Տէրոջը ողջակէզներ մատուցանելու սկսան. բայց Տէրոջը տաճարին հիմը տակաւին դրուած չէր։ Քարահատներուն ու հիւսներուն ստակ ու Սիդոնացիներուն եւ Տիւրացիներուն ուտելիք ու խմելիք ու իւղ տուին, որպէս զի Լիբանանէն ծովով եղեւնափայտեր Յոպպէ բերեն, ինչպէս Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը անոնց արտօնութիւն տուեր էր։ Անոնց Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ տունը գալուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան մէջ, Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու Յովսեդեկեան Յեսուն եւ անոնց միւս եղբայրները, քահանաներն ու Ղեւտացիները ու Երուսաղէմ դարձող բոլոր գերիները տաճարը շինելու սկսան եւ քսան տարեկանէ վեր եղող Ղեւտացիները Տէրոջը տանը գործին վրայ վերակացու կարգուեցան։ Յեսուն եւ անոր որդիները ու եղբայրները եւ Կադմիէլն ու անոր որդիները, Յուդայի որդիները ու Ենադադի որդիները ու անոնց որդիներն ու եղբայրները, Ղեւտացիներուն, գործաւորներուն վրայ վերակացութիւն ընելու ելան մէկ մարդու պէս։ Երբ ճարտարապետները Տէրոջը տաճարին հիմը դրին, քահանաները իրենց զգեստները հագած՝ փողերով ու Ղեւտացիները եւ Ասափի որդիները՝ ծնծղաներով, Տէրը օրհնելու համար կեցուցին՝ Դաւիթ թագաւորին կարգադրութեանը համեմատ։ Անոնք փոփոխակի կ’երգէին՝ Տէրոջմէ գոհանալով ու անոր շնորհակալութիւն մատուցանելով, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը Իսրայէլի վրայ յաւիտեան է։ Բոլոր ժողովուրդը մեծաձայն աղաղակելով Տէրը օրհնեցին Տէրոջը տանը հիմնադրութեան համար։ Քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ու տոհմերու իշխաններէն շատեր, որոնք ծեր ըլլալով Տէրոջը նախկին տունը տեսած էին, երբ իրենց աչքին առջեւ այս տանը հիմը դրուեցաւ, մեծ ձայնով լացին ու շատերը իրենց ուրախութենէն ձայներնին վերցնելով աղաղակեցին։ Ժողովուրդը ուրախութեան աղաղակին ձայնն ու բազմութեան լալու ձայնը իրարմէ չէր կրնար զատել. վասն զի բազմութիւնը մեծ ցնծութեան ձայնով կ’աղաղակէր ու ձայներնին մինչեւ հեռու տեղեր կը լսուէր։ Յուդայի ու Բենիամինի թշնամիները, երբ լսեցին թէ գերութենէ վերադարձողները՝ ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տաճարը կը շինեն, Զօրաբաբէլին ու նահապետներուն մօտեցան ու անոնց ըսին. «Մենք ալ ձեզի հետ շինենք. քանզի մենք ալ ձեզի պէս ձեր Աստուածը կը պաշտենք ու մեզ հոս բերող Ասորեստանի Ասորդան թագաւորին օրերէն ի վեր անոր զոհ կը մատուցանենք»։ Բայց Զօրաբաբէլն ու Յեսուն եւ Իսրայէլի միւս նահապետները անոնց ըսին. «Չի վայլեր ձեզի որ մէկտեղ մեր Աստուծոյն տուն շինենք. հապա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տունը մինակ մենք պիտի շինենք, ինչպէս Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորը մեզի հրամայեց»։ Այն երկրին ժողովուրդը Յուդայի ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէին ու անոնց շինութիւնը կը խափանէին։ Եւ անոնց խորհուրդը խափանելու համար՝ վարձքով անոնց դէմ օրէնսգէտներ բռնեցին Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին օրերը ու մինչեւ Պարսիկներու Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը ժամանակը։ Ասուերոսի թագաւորութեան սկիզբը, Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն դէմ ամբաստանութեան գիր գրեցին։ Արտաշէսի օրերը Բեսեղամը, Միթրիդատը, Տաբէէլն եւ ուրիշ ընկերներ Պարսիկներու Արտաշէս թագաւորին գրեցին։ Նամակը Ասորերէն գրուած էր ու մեկնութիւնը Ասորերէն էր։ Հռէում հրամանատարն ու Սամսայ դպիրը Երուսաղէմի դէմ այս կերպով նամակ մը գրեցին Արտաշէս թագաւորին։ Այն ատեն Հռէում հրամանատարն ու Սամսայ դպիրը եւ անոնց միւս ընկերները՝ Դինացիներ, Ափարսաթաքացիներ, Տարփաղեցիներ, Ափերսացիներ, Արքուեցիներ, Բաբելոնացիներ, Շուշանացիներ, Դաւեցիներ, Եղամացիներ Եւ մնացած ազգերը, որոնք մեծ ու պատուական Ասենափարը փոխադրեց ու Սամարիայի քաղաքներուն մէջ բնակեցուց եւ ուրիշներ, որոնք Գետին ասդիի կողմը կը գտնուին, նամակ մը գրեցին։ Այս է այն նամակին օրինակը, որ Արտաշէս թագաւորին ղրկեցին. «Գետին ասդիի կողմը բնակող քու ծառաներդ բարեւ կը ղրկեն։ Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ որ ձեր կողմէ մեզի եկող Հրեաները Երուսաղէմ եկան ու հիմեր ձգելով ու պարիսպներ բարձրացնելով՝ ապստամբ քաղաք մը կը շինեն։ Հիմա թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ եթէ այս քաղաքը նորէն շինուի ու անոր պարիսպները բարձրացուին, անոնք հարկ, տուրք ու մաքս պիտի չտան եւ այս պատճառով թագաւորական հարկերը պիտի վնասուին։ Մեր ռոճիկը պալատէն տրուելուն համար՝ չենք կրնար թագաւորին վնասին համաձայնիլ, ատոր համար այս նամակը ղրկեցինք ու թագաւորիդ իմացուցինք. Որպէս զի քու հայրերուդ յիշատակներու գրքին մէջ փնտռես, գտնես ու իմանաս որ այն քաղաքը ապստամբ եւ թագաւորներուն եւ գաւառներուն վնասակար քաղաք մը եղած է եւ թէ հին ատենը անոր մէջ դաւաճանութիւն եղած է ու անոր համար այս քաղաքը կործանուեր է։ Մենք թագաւորիդ կ’իմացնենք, որ եթէ այս քաղաքը շինուի ու անոր պարիսպները նորոգուին, այն պատճառով Գետին ասդիի կողմը բաժին պիտի չունենաս»։ Իսկ թագաւորը Հռէում հրամանատարին եւ Սամսայ դպիրին ու Սամարիայի մէջ բնակող անոնց մնացած ընկերներուն ու Գետին անդիի կողմը եղող մնացածներուն հրովարտակ ղրկեց այս խօսքերով. «Ողջո՜յն, եւ այլն։ Մեզի ղրկած նամակնիդ իմ առջեւս յայտնապէս կարդացուեցաւ։ Ես հրաման ըրի եւ փնտռեցին եւ գտան թէ այն քաղաքը հին ատենէն ի վեր թագաւորներուն դէմ դրեր է ու անոր մէջ ապստամբութիւն ու դաւաճանութիւն եղեր է։ Ու Երուսաղէմի մէջ զօրաւոր թագաւորներ եղած են, որոնք բոլոր Գետին անդիի կողմը եղողներուն վրայ տիրած են ու իրենց հարկ, տուրք ու մաքս տրուեր է։ Հիմա պատուէր տուէք, որ այն մարդիկը արգիլեն քաղաքին շինուիլը, մինչեւ իմ կողմէ նոր հրովարտակ մը տրուի։ Զգոյշ եղէք եւ այս բանին համար անհոգութիւն մի՛ ընէք. չըլլայ որ չարութիւնը շատնայ, թագաւորները վնասուին»։ Երբ Արտաշէս թագաւորին նամակին օրինակը Հռէումի ու Սամսայ դպիրին եւ անոնց ընկերներուն առջեւ կարդացուեցաւ, արտորնօք Երուսաղէմ գացին Հրեաներուն եւ բռնութեամբ շինելը արգիլեցին։ Այն ատեն Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը շինութիւնը արգիլուեցաւ ու մինչեւ Պարսից Դարեհ թագաւորին թագաւորութեանը երկրորդ տարին արգիլուած մնաց։ Անգէ մարգարէն ու Ադդովի որդին Զաքարիա մարգարէն Իսրայէլի Աստուծոյն անունովը մարգարէութիւն ըրին Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ եղող Հրեաներուն։ Այն ատեն Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլն ու Յովսեդեկեան Յեսուն ելան ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը շինել սկսան։ Աստուծոյ մարգարէները անոնց հետ ըլլալով՝ անոնց օգնեցին։ Այն ատեն Եփրատ գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանային ու Սաթրաբուզան իրենց ընկերներովը անոնց եկան եւ այսպէս ըսին. «Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը շինէք ու այս պարիսպները կանգնեցնէք»։ Ապա հարցուցին շինողներուն անունները։ Բայց Աստուծոյ աչքը Հրեաներուն ծերերուն վրայ ըլլալով՝ գործը չարգիլեցին մինչեւ որ Դարեհի նոր հրովարտակը բերել տան։ Այս է այն նամակին օրինակը, որ Թաթանային ու Սաթրաբուզան ու անոնց ընկեր Ափարսաքացիները Դարեհ թագաւորին ղրկեցին, Որուն մէջ այսպէս գրուած էր. «Դարեհ թագաւորին շատ բարեւ։ Թագաւորիդ յայտնի ըլլայ, որ Հրէաստանի գաւառը, մեծ Աստուծոյն տունը գացինք, որը մեծ քարերով կը շինուի, անոր պատերուն մէջ փայտեր կը դրուին, գործը փութով յառաջ կը տարուի ու պիտի լրանայ։ Այն ծերերուն հարցուցինք թէ՝ ‘Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ, որ այս տունը շինէք ու այս պարիսպները կանգնեցնէք’։ Ու քեզի իմացնելու համար շինողներուն անունն ալ հարցուցինք, որպէս զի անոնց առաջնորդ եղող մարդոց անունները քեզի գրենք։ Անոնք այս պատասխանը տուին. ‘Մենք երկնքի ու երկրի Աստուծոյն ծառաներն ենք ու շատ տարիներէ առաջ շինուած տունը կը նորոգենք որ Իսրայէլի մէկ մեծ թագաւորը շինեց ու լմնցուց։ Բայց մեր հայրերը երկնքի Աստուածը բարկացուցած են, Աստուած ալ զանոնք Բաբելոնի թագաւորին, Քաղդէացի Նաբուգոդոնոսորի, ձեռքը մատնեց։ Ան ալ այս տունը աւերեց ու ժողովուրդը Բաբելոն գերի տարաւ։ Բայց Բաբելոնի Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին Կիւրոս թագաւորը այս Աստուծոյ տունը շինելու հրաման տուաւ։ Աստուծոյ տանը ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներն ալ, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմի տաճարէն հանելով՝ Բաբելոնի տաճարը տարեր էր, Կիւրոս թագաւորը Բաբելոնի տաճարէն հանեց ու Սասբասար անունով մէկուն յանձնեց, որը նախարար ըրաւ Ու անոր ըսաւ. «Այս անօթները ա՛ռ, գնա՛ զանոնք Երուսաղէմ եղող տաճարը տար ու Աստուծոյ տունը իր տեղը թող շինուի»։ Այն ատեն Սասբասար եկաւ ու Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը հիմը ձգեց եւ այն ատենէն մինչեւ հիմա կը շինուի, բայց չէ լմնցած’։ Ու հիմա եթէ թագաւորը կը հաճի, հոն Բաբելոն եղող թագաւորին գանձատանը մէջ թող փնտռուի, թէ արդեօք Կիւրոս թագաւորը հրաման տուե՞ր է որ Երուսաղէմի մէջ այս Աստուծոյ տունը շինուի։ Թագաւորը այս բանին վրայով իր կամքը թող մեզի յայտնէ»։ Այն ատեն Դարեհ թագաւորը հրաման ըրաւ ու հոն Բաբելոնի դիւանին մէջ փնտռեցին, ուր գանձերը կը պահուէին։ Մարերու գաւառին մէջ եղող Եկբատանայի պալատին մէջ տոմս մը գտնուեցաւ, որուն մէջ այս կերպով գրուած յիշատակարան մը կար. «Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին, Կիւրոս թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տանը համար հրաման տուաւ, որ այն տունը շինուի, ուր զոհ կը մատուցանեն եւ անոր հիմերը ամուր ըլլան. անոր բարձրութիւնը՝ վաթսուն կանգուն, Երեք կարգ մեծ քարերէ ու մէկ կարգ նոր փայտէ ըլլայ ու անոր ծախքը թագաւորին տունէն տրուի Եւ Նաբուգոդոնոսորի Երուսաղէմի տաճարէն հանած ու Բաբելոն բերած՝ Աստուծոյ տանը ոսկեղէն ու արծաթեղէն անօթներն ալ ետ տրուին ու Երուսաղէմ եղող տաճարը ու Աստուծոյ տունը դրուին»։ «Արդ՝ Գետին անդիի կողմի իշխան Թաթանային, Սաթրաբուզան ու Գետին անդիի կողմը եղող անոնց ընկերներ Ափարսաքացիներ, անկէ ե՛տ քաշուեցէ՛ք։ Աստուծոյ տանը գործը ազատ ձգեցէ՛ք. Հրեաներու նախարարն ու ծերերը այս Աստուծոյ տունը իր տեղը թող շինեն։ Ես այս հրամանը կու տամ, որպէս զի գիտնաք թէ Հրեաներու ծերերուն ի՞նչ պիտի ընէք Աստուծոյ տանը շինութեանը համար՝ այսինքն արքունի գանձէն, Գետին անդիի կողմէն հաւաքուած հարկէն, այն մարդոցը ծախքը շուտով թող տրուի, որպէս զի դժուարութիւն չունենան։ Անոնց ի՛նչ որ պէտք ըլլայ, թէ՛ զուարակներ, թէ՛ խոյեր եւ թէ՛ գառներ՝ երկնքի Աստուծոյն ողջակէզներու համար, նաեւ ցորեն, աղ, գինի ու իւղ ամէն օր անոնց տրուի անպակաս՝ Երուսաղէմի մէջ եղող քահանաներուն պահանջով, Որպէս զի երկնքի Աստուծոյն անուշահոտ զոհեր մատուցանեն եւ թագաւորին ու անոր որդիներուն կեանքին համար աղօթք ընեն։ Ես կը հրամայեմ՝ ով որ այս խօսքին դէմ կենայ՝ անոր տունէն փայտ մը քակելով տնկեն ու այդ մարդը անոր վրայ գամեն ու այս բանին համար անոր տունը աղբանոց ըլլայ։ Այն Աստուածը, որ իր անունը հոն դրեր է, թող կործանէ ամէն թագաւոր ու ժողովուրդ, որ ձեռք կ’երկնցնէ այս հրամանին դէմ կենալու ու Երուսաղէմի մէջ եղող Աստուծոյ տունը աւերելու։ Ես Դարեհս այս հրամանը ըրի. թող շուտով գործադրուի»։ Այն ատեն Գետին ասդիի կողմի իշխանը Թաթանային, Սաթրաբուզան ու անոնց ընկերները Դարեհ թագաւորին ղրկած հրամանը շուտով կատարեցին։ Եւ Հրեաներուն ծերերը կը շինէին ու կը յաջողէին՝ Անգէ մարգարէին ու Ադդովի որդիին Զաքարիայի մարգարէութիւնովը ու անոնք Իսրայէլի Աստուծոյն հրամանովը եւ Պարսիկներու Կիւրոս ու Դարեհ եւ Արտաշէս թագաւորներուն հրամանովը շինեցին լմնցուցին։ Եւ այս տունը Ադար ամսուան երկրորդ օրը, Դարեհ թագաւորին թագաւորութեան վեցերորդ տարին լմնցաւ։ Իսրայէլի որդիները, քահանաներն ու Ղեւտացիները ու միւս գերութենէ վերադարձողները, ուրախութեամբ Աստուծոյ տանը նաւակատիքը ըրին։ Աստուծոյ տանը նաւակատիքին համար՝ հարիւր զուարակ, երկու հարիւր խոյ, չորս հարիւր գառ ու բոլոր Իսրայէլի մեղքի պատարագ ըլլալու համար՝ Իսրայէլացի ցեղերուն թիւովը այծերէն տասներկու նոխազ մատուցանեցին։ Երուսաղէմի մէջ Աստուծոյ սպասաւորութեանը վրայ՝ քահանաները իրենց կարգերուն մէջ ու Ղեւտացիները իրենց դասերուն մէջ կայնեցուցին, ինչպէս Մովսէսին գրքին մէջ գրուած է։ Գերութենէ վերադարձողները առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկը ըրին. Ուստի քահանաներն ու Ղեւտացիները մէկտեղ սրբուեցան ու ամէնքն ալ մաքրուեցան ու բոլոր գերութենէ վերադարձողներուն համար եւ քահանաներուն համար ու իրենց համար զատիկը մորթեցին Ու գերութենէ դարձող Իսրայէլի որդիները ու Իսրայէլի Տէր Աստուածը պաշտելու համար անոնց եկողները, որոնք այն երկրին ազգերուն պղծութենէն զատուեր էին՝ ամէնքն ալ կերան։ Եօթը օր բաղարջակերաց տօնը կատարեցին ուրախութեամբ. վասն զի Տէրը զանոնք ուրախացուց ու Ասորեստանի թագաւորին սիրտը անոնց դարձուց, որպէս զի Աստուծոյ՝ Իսրայէլի Աստուծոյ՝ տանը գործին մէջ անոնց ձեռքը զօրացնէ։ Այս բաներէն ետքը, Պարսիկներու Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը, Եզրաս Սարայիայի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Քեղկիայի որդին, Որ Սեղղումի որդին, որ Սադովկի որդին, որ Աքիտովբի որդին, Որ Ամարիայի որդին, որ Ազարիայի որդին, որ Մարիօթի որդին, Որ Զարիայի որդին, որ Ոզէի որդին, որ Բոկկիի որդին, Որ Ափիսուայի որդին, որ Փենէհէսի որդին, որ Եղիազարի որդին, որ մեծ քահանային Ահարոնին որդին էր, Այս Եզրասը Բաբելոնէն ելաւ։ Անիկա Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տուած Մովսէսին օրէնքին արագագիր դպիրն էր ու իր Տէր Աստուծոյն ձեռքը իր վրայ ըլլալուն համար՝ ամէն խնդրածը թագաւորը անոր կու տար։ Արտաշէս թագաւորին եօթներորդ տարին՝ Իսրայէլի որդիներէն, քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն ու երգողներէն եւ դռնապաններէն ու Նաթանայիմներէն ոմանք Երուսաղէմ եկան։ Անիկա հինգերորդ ամսուան մէջ՝ թագաւորին եօթներորդ տարին Երուսաղէմ եկաւ. Քանզի առաջին ամսուան առաջին օրը Բաբելոնէն ելաւ ու Աստուծոյ բարի ձեռքը անոր վրայ ըլլալով՝ հինգերորդ ամսուան առաջին օրը Երուսաղէմ հասաւ, Ուստի Եզրաս իր սիրտը պատրաստեց՝ որպէս զի Տէրոջը օրէնը փնտռէ ու կատարէ ու օրէնքն ու կանոնները սորվեցնէ Իսրայէլին։ Ասիկա է այն նամակին օրինակը, որ Արտաշէս թագաւորը տուաւ Եզրաս քահանային ու դպիրին, որ Տէրոջը Իսրայէլին տուած պատուիրանքներուն եւ օրէնքներուն հմուտ էր։ «Թագաւորներու թագաւորը Արտաշէս, Եզրաս քահանային, երկնքի Աստուծոյն օրէնքին կատարեալ գրչին. Արդ՝ հրաման կու տամ, որ իմ թագաւորութեանս մէջ եղող Իսրայէլի ժողովուրդէն ու անոր քահանաներէն ու Ղեւտացիներէն իրենց կամքովը Երուսաղէմ դառնալ ուզողները քեզի հետ դառնան. Վասն զի դուն թագաւորին ու անոր եօթը խորհրդականներուն կողմէ կը ղրկուիս՝ որպէս զի քու ձեռքդ եղած Աստուծոյ օրէնքովը՝ Յուդան ու Երուսաղէմը քննես Եւ տանիս այն արծաթն ու ոսկին, որ թագաւորն ու անոր խորհրդականները իրենց կամքովը ընծայ տուին Իսրայէլի Աստուծոյն, որ կը բնակի Երուսաղէմի մէջ. Նաեւ բոլոր արծաթն ու ոսկին, որ Բաբելոնի բոլոր գաւառին մէջ պիտի գտնես, որ ժողովուրդն ու քահանաները Երուսաղէմի մէջ եղող իրենց Աստուծոյն տանը համար որպէս կամաւոր ընծայ պիտի մատուցանեն, Որպէս զի այն ստակով անյապաղ զուարակներ, խոյեր, գառներ ու անոնց հացի ընծաներն ու ըմպելի նուէրները ծախու առնես ու զանոնք Երուսաղէմ եղող ձեր Աստուծոյն տանը սեղանին վրայ մատուցանես Եւ մնացած արծաթն ու ոսկին ալ՝ քեզի ու քու եղբայրներուդ ինչպէս որ պատշաճ կ’երեւնայ եւ ձեր Աստուծոյն կամքին համեմատ գործածէք։ Այն անօթները, որոնք քու Աստուծոյդ տանը պաշտամունքին համար քեզի տրուեցան, զանոնք տար Երուսաղէմի Աստուծոյ յանձնէ։ Ուրիշ ինչ որ քու Աստուծոյդ տանը համար պէտք ըլլայ, որ քեզի կը վայլէ տալ, զանիկա թագաւորին գանձատունէն տուր։ Ու ես Արտաշէս թագաւորս ձեզի, Գետին անդիի կողմը եղող բոլոր գանձապետներուդ, կը հրամայեմ, որ Եզրաս քահանան, երկնքի Աստուծոյն օրէնքին դպիրը, ինչ որ ձեզմէ ուզէ, անմիջապէս տաք. Մինչեւ հարիւր տաղանդ արծաթ, մինչեւ հարիւր քոռ ցորեն ու հարիւր մար գինի ու հարիւր մար իւղ ու աղ առանց չափը որոշելու՝ ՝։ Որպէս զի երկնքի Աստուածը ինչ որ կը հրամայէ, շուտով գործադրուի երկնքի Աստուծոյն տանը համար, որպէս զի չըլլայ թէ թագաւորին ու անոր որդիներուն թագաւորութեանը վրայ բարկութիւն գայ։ Ձեզի յայտնի ըլլայ, որ բոլոր քահանաներէն, Ղեւտացիներէն, երգողներէն, դռնապաններէն, Նաթանայիմներէն եւ այս Աստուծոյ տանը սպասաւորներէն հարկ, տուրք ու մաքս առնելու հրաման չկայ։ Եւ դո՛ւն, ո՛վ Եզրաս, քու Աստուծոյդ իմաստութիւնովը որ դուն ունիս, դատաւորներ ու իշխաններ դիր, որոնք Գետին անդիի կողմը եղող բոլոր ժողովուրդը, այսինքն բոլոր անոնք որ քու Աստուծոյդ օրէնքը գիտեն, դատեն ու չգիտցողներուն սորվեցնեն։ Ով որ քու Աստուծոյդ օրէնքին համեմատ ու թագաւորին օրէնքին համեմատ չընէ, անյապաղ անոր պատիժը գործադրուի՝ կա՛մ մահուամբ, կա՛մ աքսորով, կա՛մ տուգանքով եւ կա՛մ բանտարկութեամբ»։ «Մեր հայրերուն Տէր Աստուածը օրհնեալ ըլլայ, որ Երուսաղէմի մէջ եղող Տէրոջը տունը փառաւորելու համար՝ այս բանը թագաւորին սրտին մէջ դրաւ Եւ թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու թագաւորին բոլոր զօրաւոր իշխաններուն առջեւ ինծի շնորհք գտնել տուաւ ու իմ Տէր Աստուծոյս ձեռքը իմ վրաս ըլլալուն համար զօրացայ ու Իսրայէլէն իշխաններ հաւաքեցի, որպէս զի ինծի հետ դառնան»։ Արտաշէս թագաւորին թագաւորութեան ատենը՝ ինծի հետ Բաբելոնէն դարձողներուն տոհմապետներն ու համրանքը ասոնք են՝ Փենեհէսին որդիներէն Գերսոնը, Իթամարին որդիներէն Դանիէլը, Դաւիթին որդիներէն Քետտուսը, Սեքենիային որդիներէն՝ Փարոսին որդիներէն Զաքարիան ու անոր հետ հարիւր յիսուն այր մարդ համրուեցան։ Փաաթ-Մովաբին որդիներէն՝ Զարիային որդին Եղիովէնային ու անոր հետ երկու հարիւր այր մարդ. Սեքենիային որդիներէն Յազիէլի որդին ու անոր հետ երեք հարիւր այր մարդ Եւ Ադինին որդիներէն Յովնաթանին որդին Աբեդը ու անոր հետ յիսուն այր մարդ Ու Եղամին որդիներէն Գոթողիային որդին Եսային ու անոր հետ եօթանասուն այր մարդ Եւ Սափատիային որդիներէն Միքայէլին որդին Զաբադիան ու անոր հետ ութսուն այր մարդ. Յովաբին որդիներէն՝ Յեքիէլին որդին Աբդիան ու անոր հետ երկու հարիւր տասնըութը այր մարդ Եւ Սաղօմիդին որդիներէն Յօսեփային որդին ու անոր հետ հարիւր վաթսուն այր մարդ Եւ Բեբայիին որդիներէն Բեբայիին որդին Զաքարիան ու անոր հետ քսանըութը այր մարդ Եւ Ազգադին որդիներէն Ակատանի որդին Յօհանան ու անոր հետ հարիւր տասը այր մարդ Եւ Ադոնիկամին որդիներէն վերջինները՝ որոնց անունները ասոնք էին՝ Եղիփաղէտ, Յէիէլ ու Սեմայիա եւ անոնց հետ վաթսուն այր մարդ. Բագուէին որդիներէն Ութային ու Զաբուդը ու անոնց հետ եօթանասուն այր մարդ։ Ասոնք Ահավա վազող գետին եզերքը հաւաքեցի ու հոն երեք օր իջեւան ըրինք։ Ժողովուրդն ու քահանաները աչքէ անցուցի ու հեն Ղեւտացիներու որդիներէն մա՛րդ մը չգտայ։ Այն ատեն Եղիազար, Արիէլ, Սեմայիա, Եղնաթան, Հարիպ, Եղնաթան, Նաթան, Զաքարիա ու Մեսուղամ իշխանները ու Յովաբիբ ու Եղնաթան իմաստունները կանչել տուի Եւ զանոնք Քասիփիա ըսուած տեղը Եղող Ադդով իշխանին պատուէրներով ղրկեցի ու Քասիփիա ըսուած տեղը եղող Ադդովին ու անոր եղբայրներուն, Նաթանայիմներուն, ըսուելիք խօսքերը անոնց բերանը դրի, որպէս զի մեր Աստուծոյն տանը համար մեզի պաշտօնեաներ բերեն։ Մեր Աստուծոյն բարի ձեռքին մեր վրայ ըլլալուն համար՝ Իսրայէլեան Ղեւիի որդիին Մոողիին որդիներէն հանճարեղ մարդ մը, այսինքն Սարաբիան ու անոր որդիները ու եղբայրները տասնըութը մարդ բերին մեզի. Նաեւ Ասաբիան ու անոր հետ Մերարիի որդիներէն Եսային ու անոր եղբայրները ու անոնց որդիները՝ քսան մարդ Ու Նաթանայիմներէն, որոնք Դաւիթ ու իր իշխանները Ղեւտացիներու ծառայութեանը տուեր էին, բոլորը իրենց անուններովը յիշուած՝ երկու հարիւր քսան Նաթանայիմներ։ Հոն Ահավայի գետին քով ծոմապահութիւն քարոզեցի, որպէս զի խոնարհինք մեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ու անկէ յաջող ճամբորդութիւն խնդրենք մեզի ու մեր ընտանիքներուն եւ մեր բոլոր ստացուածքին համար. Վասն զի ճամբուն մէջ մեզ թշնամիներէն պաշտպանելու համար թագաւորէն զօրք ու ձիաւորներ ուզելու ամչցայ, որովհետեւ թագաւորին ըսեր էինք թէ մեր Աստուծոյն ձեռքը բոլոր զանիկա փնտռողներուն վրայ է բարութեամբ ու անոր զօրութիւնն ու բարկութիւնը ամէն անոնց վրայ՝ որոնք զանիկա կը թողուն։ Ուստի ծոմ բռնեցինք ու այս բանին համար մեր Աստուծմէն օգնութիւն խնդրեցինք ու անիկա մեր խնդրանքը ընդունեց։ Քահանաներուն իշխաններէն տասներկու մարդ զատեցի, այսինքն Սարաբիան ու Ասաբիան ու անոնց հետ իրենց եղբայրներէն տասը մարդ Եւ արծաթն ու ոսկին ու անօթները, նաեւ թագաւորին ու անոր խորհրդականներուն ու իշխաններուն եւ հոն գտնուող բոլոր Իսրայէլի մեր Աստուծոյն տանը համար տուած ընծաները կշիռքով անոնց յանձնեցի։ Վեց հարիւր յիսուն տաղանդ արծաթ եւ հարիւր տաղանդ արծաթէ ամաններ ու հարիւր տաղանդ ոսկի Եւ քսան ոսկի տաշտ հազարական դրամէ եւ մաքուր ու փայլուն եւ ոսկիի պէս պատուական պղնձէ երկու աման՝ կշիռքով անոնց յանձնեցի։ Անոնց ըսի. ‘Դուք Տէրոջը նուիրուած էք, այս անօթներն ալ նուիրուած են եւ արծաթն ու ոսկին ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն կամաւոր ընծայ են. Արթուն կեցէ՛ք ու պահեցէ՛ք, մինչեւ որ զանոնք Երուսաղէմ Տէրոջը տանը սենեակներուն մէջ՝ քահանաներուն ու Ղեւտացիներու իշխաններուն ու Իսրայէլի տոհմապետներուն առջեւ կշռէք’։ Քահանաներն ու Ղեւտացիները արծաթն ու ոսկին ու ամանները կշիռքով առին, որպէս զի Երուսաղէմ մեր Աստուծոյն տունը տանին։ Առաջին ամսուան տասնըերկրորդ օրը Ահավայի գետէն չուեցինք Երուսաղէմ երթալու համար ու մեր Աստուծոյն ձեռքը մեր վրայ էր ու մեզ ճամբան թշնամիին ու դարանակալին ձեռքէն ազատեց Ու Երուսաղէմ հասանք եւ հոն երեք օր նստեցանք։ Չորրորդ օրը արծաթն ու ոսկին ու անօթները, մեր Աստուծոյն տանը մէջ, Ուրիա քահանային որդիին Մերամօթին ձեռքով կշռուեցան, որուն հետ էր Փենէհէսին որդին Եղիազարը ու անոնց հետ էին Յեսուին որդին Յովզաբադն ու Բանուիին որդին Նովադիա Ղեւտացիները։ Ամէնքը թուով ու կշիռքով յանձնուեցաւ ու այն ատեն բոլոր կշիռքը գրուեցաւ։ Գերութեան որդիները, որոնք գերութենէ դարձած էին, Իսրայէլի Աստուծոյն ողջակէզներ մատուցանեցին. բոլոր Իսրայէլի համար տասնըերկու զուարակ, իննիսունըվեց խոյ, եօթանասունըեօթը գառ ու մեղքի պատարագի համար տասնըերկու նոխազ. ասոնց ամէնը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանեցին ։ Եւ անոնք թագաւորին հրովարտակը Գետին ասդիի կողմը եղող թագաւորին փոխանորդներուն ու իշխաններուն տուին, անոնք ալ ժողովուրդին ու Աստուծոյ տանը ձեռնտու եղան։ Երբ այս բաները կատարուեցան, իշխանները ինծի մօտեցան ու ըսին. «Իսրայէլի ժողովուրդը եւ քահանաներն ու Ղեւտացիները այս երկիրներուն ժողովուրդներէն չզատուեցան, հապա Քանանացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն, Ամմոնացիներուն, Մովաբացիներուն, Եգիպտացիներուն ու Ամօրհացիներուն պղծութիւններուն պէս կ’ընեն. Վասն զի իրենց համար ու իրենց որդիներուն համար անոնց աղջիկներէն կիներ առին եւ սուրբ սերունդը այս երկիրներուն ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ ու իշխաններն ու ոստիկանները այս մեղքը գործելու մէջ առաջինները եղան»։ Այս բանը լսածիս պէս հանդերձս ու վերարկուս պատռեցի եւ գլխուս ու մօրուքիս մազերը փետտեցի ու ապշած նստեցայ։ Այն ատեն գերութենէն դարձողներուն յանցանքին պատճառով Իսրայէլի Աստուծոյն խօսքերէն բոլոր վախցողները իմ քովս հաւաքուեցան ու ես մինչեւ իրիկուան զոհին ատենը ապշած մնացի։ Իրիկուան զոհին ատենը տառապանքէս ելայ ու պատռուած հանդերձներովս ու վերարկուովս ծունկի եկայ ու ձեռքերս իմ Տէր Աստուծոյս առջեւ տարածեցի Ու ըսի. «Ո՛վ Աստուած իմ, կ’ամչնամ ու իմ երեսս քեզի վերցնելու չեմ համարձակիր։ Ո՛վ Աստուած իմ, վասն զի մեր անօրէնութիւնները մեր գլխէն վեր բարձրացան ու մեր յանցանքը մինչեւ երկինք ելաւ։ Մեր հայրերուն օրերէն ի վեր մենք մեծ յանցանքի մէջ ենք մինչեւ այսօր ու մեր անօրէնութիւններուն համար մենք, մեր թագաւորները եւ մեր քահանաները, օտար երկիրներու թագաւորներուն ձեռքը՝ սուրի, գերութեան, յափշտակութեան ու երեսի սեւութեան ենթարկուեցան, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։ Եւ հիմա քիչ մը ատեն մեր Տէր Աստուածը ողորմեցաւ, որպէս զի մեզի փրկութիւն շնորհէ ու իր սրբութեանը մէջ մեզ հաստատէ՝ ՝, որպէս զի մեր Աստուածը մեր աչքերը լուսաւորէ ու մեր ծառայութեանը մէջ մեզի քիչ մը հանգստութիւն տայ։ Վասն զի մենք ծառայ էինք բայց մեր Աստուածը մեզ երեսէ չձգեց մեր ծառայութեանը մէջ. հապա մեզի հանգստութիւն տալու ու իր տունը շինելու եւ անոր աւերակները նորոգելու ու մեզի Յուդայի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պարսպապատ տեղ մը տալու համար՝ Պարսիկներու թագաւորներուն առջեւ մեզի շնորհք գտնել տուաւ։ Հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, ասկէ ետքը ի՞նչ ըսենք, քանզի քու պատուիրանքներդ թողուցինք, Որոնք քու ծառաներուդ՝ մարգարէներուն՝ միջոցով պատուիրեցիր ու ըսիր. ‘Այն երկիրը, ուր պիտի մտնէք ժառանգելու համար, գարշելի երկիր մըն է, օտար ազգերու գարշելի պղծութիւններովը լեցուն, որովհետեւ զանիկա ծայրէ ծայր իրենց անմաքրութիւնովը լեցուցեր են, Ուրեմն ձեր աղջիկները անոնց որդիներուն մի՛ տաք ու անոնց աղջիկները ձեր որդիներուն համար մի՛ առնէք եւ յաւիտեան անոնց խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը մի՛ փնտռէք, որպէս զի ուժովնաք ու այն երկրին բարիքը ուտէք ու զանիկա ձեր որդիներուն իբր յաւիտենական ժառանգութիւն թողուք’։ Ու մեր չար գործերուն համար ու մեր մեծ յանցանքին համար այս բոլոր բաներուն մեր վրայ գալէն ետքը (թէպէտեւ դուն, ո՛վ Աստուած մեր, մեզ չպատժեցիր մեր մեղքերուն չափ, հապա մեզի այսպէս փրկութիւն տուիր), Պէ՞տք էր որ նորէն քու պատուիրանքներդ զանց ընէինք եւ այս գարշելի ազգերուն հետ խնամութիւն ընէինք. միթէ դուն մեզի պիտի չսրդողէի՞ր ու մեզ պիտի չսպառէի՞ր, մինչեւ որ մեզմէ մնացորդ ու ազատուած չմնար։ Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի, դուն արդար ես, ատոր համար մենք մինչեւ այսօր ազատ մնացինք. ահա մենք մեր յանցանքովը քու առջեւդ ենք, թէպէտեւ այս պատճառով քու առջեւդ համարձակ չենք կրնար կենալ»։ Երբ Եզրաս լալով ու Աստուծոյ տանը առջեւ գետինը ինկած այս աղօթքն ու խոստովանութիւնը կ’ընէր, Իսրայէլէն խիստ շատ բազմութիւն՝ այրեր, կիներ ու տղաքներ՝ անոր քով հաւաքուեցան եւ ժողովուրդը մեծ ձայնով լացաւ։ Ու Եղամի որդիներէն Յեքիէլի որդին Սեքենիան Եզրասին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Մենք մեր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցինք ու երկրին ժողովուրդներէն օտար կիներ առինք. բայց հիմա այս բանին մէջ ալ Իսրայէլին համար յոյս կայ։ Հիմա մեր Աստուծոյն առջեւ ուխտ ընենք, որ բոլոր կիներն ու անոնցմէ ծնածները՝ իմ տիրոջս ու մեր Աստուծոյն հրամանէն վախցողներուն խրատովը՝ արձակենք եւ այս գործը օրէնքին համեմատ թող ըլլայ։ Ելի՛ր, վասն զի այս գործը քեզի կ’իյնայ. մենք ալ քեզի հետ ըլլանք. զօրացի՛ր ու ըրէ՛»։ Եզրաս ելաւ եւ քահանաներուն, իշխաններուն, Ղեւտացիներուն ու բոլոր Իսրայէլին երդում ընել տուաւ, որ ըսուածին պէս ընեն։ Անոնք երդում ըրին։ Եզրաս Աստուծոյ տանը առջեւէն ելաւ ու Եղիասիբին որդիին Յօհանանին սենեակը գնաց եւ հոն մտնելով հաց չկերաւ ու ջուր չխմեց, որպէս զի գերութենէ դարձողներուն յանցանքին համար սուգ բռնէ։ Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ մունետիկ կանչել տուին, որ բոլոր գերութենէ դարձողները Երուսաղէմ հաւաքուին։ Մինչեւ երեք օր ով որ չի գայ՝ իշխաններուն ու ծերերուն հրամանին համեմատ, անոր բոլոր ստացուածքը նզովուած պիտի ըլլայ ու գերութենէ դարձողներէն պիտի զատուի։ Յուդայի ու Բենիամինի բոլոր մարդիկը այն երեք օրուան մէջ, այսինքն իններորդ ամսուան քսաներորդ օրը, Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան եւ բոլոր ժողովուրդը այս գործին համար ու սաստիկ անձրեւներուն համար, դողալով նստեցան Աստուծոյ տանը հրապարակին մէջ։ Եզրաս քահանան ելաւ ու անոնց ըսաւ. «Դուք մեղք գործեցիք եւ օտար կիներ առնելով՝ Իսրայէլի յանցանքը աւելցուցիք։ Հիմա ձեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն առջեւ ձեր մեղքը խոստովանեցէ՛ք եւ անոր հաճոյ եղածը ըրէ՛ք ու երկրիս ժողովուրդներէն ու օտար կիներէն զատուեցէ՛ք»։ Այն ատեն բոլոր ժողովուրդը պատասխան տուին ու բարձր ձայնով ըսին. «Մեր պարտքն է, որ քու ըսածիդ պէս ընենք։ Բայց ժողովուրդը շատուոր ու ժամանակը անձրեւոտ է ու դուրսը չենք կրնար կենալ եւ ասիկա մէկ օրուան կամ երկու օրուան գործ չէ, քանզի շատերնիս այս բանին մէջ յանցաւոր ենք։ Հիմա մեր իշխանները բոլոր ժողովուրդին համար թող կենան ու մեր քաղաքներուն մէջ բոլոր օտար կին առնողները որոշուած ժամանակներու մէջ գան եւ ամէն մէկ քաղաքի ծերերն ու դատաւորները անոնց հետ գան, մինչեւ որ այս բանին համար մեր Աստուծոյն սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ վերցուի»։ Ուստի Ասայէլին որդին Յովնաթան ու Թեկուային որդին Յազիան այս գործին վրայ կեցան ու Մեսուղամն ու Ղեւտացի Սաբեթան անոնց օգնեցին։ Գերութենէ դարձողները այնպէս ըրին որ Եզրաս քահանան ու քանի մը տոհմապետներ իրենց տոհմերուն համեմատ (ամէնքն ալ իրենց անուններով) ընտրուեցան ու տասներորդ ամսուան առաջին օրը այս գործը քննել սկսան։ Բոլոր օտար կին առնող մարդոց գործը առաջին ամսուան առաջին օրը լմնցուցին։ Ու քահանաներուն որդիներէն օտար կին առնողներն էին՝ Յովսեդեկեան Յեսուին որդիներէն ու եղբայրներէն մաասիան, Եղիազարը, Յարիբն ու Գոդողիան, Որոնք իրենց կիները արձակելու խօսք տուին ու յանցաւոր ըլլալով՝ իրենց յանցանքին համար հօտերէն մէկ մէկ խոյ տուին ։ Եմմերին որդիներէն Անանին ու Զաբադիան Ու Հարիմի որդիներէն Մաասիան, Եղիան, Սեմայիան, Յեքիէլը ու Ոզիան Եւ Փասուրին որդիներէն Եղիովէնային, Մաասիան, Իսմայէլը, Նաթանայէլը, Յովզաբադն ու Եղեասան Ու Ղեւտացիներէն Յովզաբադը, Սեմէին, Կովղիան, այսինքն Կովղիտան, Փեթայիան, Յուդան ու Եղիազարը Ու երգողներէն Եղիասիբը ու դռնապաններէն Սեղղումը, Տէլէմը եւ Ուրին Ու Իսրայէլէ, Փարոսին որդիներէն, Ռամիան, Յեզիան, Մեղքիան, Միամինը, Եղիազարը, Մեղքիան ու Բանիան Ու Եղամին որդիներէն Մաթանիան, Զաքարիան, Յեքիէլը, Աբդին, Յերիմովթն ու Եղիան Եւ Զաթուին որդիներէն Եղիովէնային, Եղիասիբը, Մաթանիան, Յերիմովթը, Զաբադն ու Ազիզան Եւ Բեբայիի որդիներէն Յօհանանը, Անանիան, Զաբբայը ու Աթաղին Եւ Բանիին որդիներէն Մեսուղամը, Մալուքը, Ադայիան, Յասուբը, Սաաղն ու Ռամովթը Եւ Փաաթ-Մովաբի որդիներէն Եդնան, Քաղէլը, Բանիան, Մաասիան, Մաթանիան, Բեսելիէլը, Բանուին ու Մանասէն Ու Նարիմին որդիներէն Եղիազարը, Յեսիան, Մեղքիան, Սեմայիան, Շմաւոնը, Բենիամինը, Մալուքն ու Սամարիան. Հասումին որդիներէն Մաթանայը, Մատաթան, Զաբադը, Եղիփաղէտը, Յերեմին, Մանասէն ու Սեմէին. Բանիին որդիներէն Մաադայը, Ամրամը, Ուէլը, Բանիան, Բադայիան, Քեղուհայը, Ուանիան, Մերամօթը, Եղիասիբը, Մաթանիան, Մաթանայը, Յաասուն, Բանին, Բանուին, Սէմէին, Սեղեմիան, Նաթանը, Ադայիան, Մաքնադբայը, Սասայը, Սարայը, Ազարիէլը, Սեղեմիան, Սամարիան, Սեղղումը, Ամարիան ու Յովսէփը. Նաբաւին որդիներէն Յէիէլը, Մատաթիան, Զաբադը, Զեբենիան, Յադային, Յովէլն ու Բանիան։ Ասոնք ամէնքը օտար կիներ առեր էին ու անոնցմէ ոմանք զաւակ ալ ունեցած էին։ Աքազիայի որդիին Նէեմեային խօսքերը. «Քասղեւ ամսուան մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, երբ ես Շուշան մայրաքաղաքն էի, Անանի անունով եղբայրներէս մէկը ու քանի մը Յուդայի մարդիկ ինծի եկան։ Անոնց՝ գերութենէ ազատուած Հրեաներուն ու Երուսաղէմի մասին հարցուցի։ Եւ ինծի ըսին. ‘Գերութենէն ազատուածները գաւառին մէջ մեծ նեղութեան ու անարդարութեան մէջ են ու Երուսաղէմի պարիսպը փլած եւ անոր դռները կրակով այրուած են’։ «Երբ այս խօսքերը լսեցի, նստայ լացի ու քանի մը օր սուգ բռնեցի եւ ծոմ պահելով երկնքի Աստուծոյն աղօթք ըրի Ու ըսի. ‘Ոհ, Տէ՛ր Աստուած երկնքի, որ մեծ ու ահեղ Աստուած ես ու քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ողորմութիւն կը ցուցնես, Կ’աղաչեմ, քու ականջներդ թող մտիկ ընեն ու աչքերդ թող բաց ըլլան, որպէս զի լսես քու ծառայիդ աղօթքը որ քու ծառաներուդ՝ Իսրայէլի որդիներուն՝ համար, հիմա ցորեկ ու գիշեր քեզի կը մատուցանեմ, խոստովանելով Իսրայէլի որդիներուն մեղքը, որով քեզի դէմ մեղանչեցինք. քանզի թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ հօրս տունը մեղք գործեցինք։ Արդարեւ մենք քու առջեւդ անօրէնութիւններ ըրինք ու քու ծառայիդ Մովսէսին տուած պատուիրանքներդ, կանոններդ ու օրէնքներդ չպահեցինք։ Սակայն, կ’աղաչեմ, յիշէ այն խօսքը, որ քու ծառայիդ Մովսէսին պատուիրեցիր. « Եթէ յանցանք ընէք՝ ես ձեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ. Իսկ եթէ ինծի դառնաք ու իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք կատարէք, ձեզմէ ցրուածները եթէ երկրի ծայրն ալ ըլլան, զանոնք անկէ պիտի հաւաքեմ ու այն տեղը պիտի տանիմ՝ որ ընտրեցի իմ անունս հոն դնելու համար»։ Եւ հիմա անոնք՝ քու մեծ ուժովդ ու զօրաւոր ձեռքովդ ազատուած ծառաներդ ու ժողովուրդդ են։ Ո՜հ, Տէ՛ր, հիմա թող քու ականջդ լսէ քու ծառայիդ աղօթքը ու քու անունէդ վախնալու փափաք ունեցող ծառաներուդ աղօթքը եւ քու ծառայիդ յաջողութիւն տուր ու այս մարդուն առջեւ ինծի շնորհք գտնել տուր։ Վասն զի ես թագաւորին մատռուակն էի’»։ Նիսան ամսուան մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, անոր առջեւ գինի կար։ Գինին առի ու թագաւորին տուի ու անոր առջեւ բնաւ տրտում չէի երեւցած։ Թագաւորը ինծի ըսաւ. «Ինչո՞ւ երեսդ տրտում է, քանի որ հիւանդ չես. ուրեմն ատիկա ուրիշ բան չէ, բայց եթէ սրտի տրտմութիւն»։ Ես խիստ շատ վախցայ։ Այն ատեն թագաւորին ըսի. «Թագաւորը յաւիտեան ողջ կենայ. ի՞նչպէս իմ երեսս տրտում չըլլայ, երբ քաղաքը, ուր իմ հայրերուս գերեզմանը կը գտնուի՝ աւերուած է ու անոր դռները կրակով այրուած են»։ Թագաւորը ինծի ըսաւ. «Դուն ինծմէ ի՞նչ կը խնդրես ատոր համար»։ Այն ատեն երկնքի Աստուծոյն աղօթք ըրի Ու թագաւորին ըսի. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ ու եթէ քու ծառադ քու առջեւդ շնորհք գտաւ, զիս Հրէաստան ղրկէ իմ հայրերուս գերեզմաններուն քաղաքը, որպէս զի զանիկա շինեմ»։ Թագաւորը ինծի ըսաւ. (ու թագուհին անոր քով նստեր էր). «Քու ճամբորդութիւնդ ո՞րչափ ատեն պիտի տեւէ ու ե՞րբ պիտի դառնաս»։ Թագաւորին հաճոյ երեւցաւ, որ զիս ղրկէ։ Ես ալ անոր ժամանակ որոշեցի ու ըսի. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, ինծի նամակներ թող տրուին Գետին միւս կողմը եղող իշխաններուն, որպէս զի անցընեն, մինչեւ որ Հրէաստան երթամ։ Նամակ մըն ալ Ասափին, որ թագաւորական անտառին պահապանն է, որպէս զի ինծի փայտ տայ, Աստուծոյ տանը աշտարակին դռները եւ քաղաքին պարիսպը ու բնակելու տուն շինելու համար»։ Եւ թագաւորը խնդրանքներս ինծի տուաւ, վասն զի իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը իմ վրաս էր։ Գետին միւս կողմի իշխաններուն գացի ու թագաւորին նամակները անոնց տուի։ Թագաւորը ինծի հետ զօրապետներ ու ձիաւորներ ղրկած էր։ Երբ Սանաբաղատ Որոնացին ու Ամմոնացի ծառան Տուբիան լսեցին, շատ նեղուեցան, որ Իսրայէլի որդիներուն աղէկութիւն ընելու համար մարդ մը եկաւ։ Երուսաղէմ հասայ եւ հոն երեք օր մնացի։ Քանի մը մարդոց հետ գիշերով ելայ ու ինչ որ իմ Աստուածս սրտիս մէջ դրեր էր Երուսաղէմի համար ընելու, զանիկա մարդո՛ւ չըսի եւ ինծի հետ իմ հեծած անասունէս զատ ուրիշ անասուն մը չկար։ Գիշերով Ձորի դռնէն, Վիշապի աղբիւրին առջեւէն, Աղբերու դուռը ելայ ու Երուսաղէմի փլած պարիսպներն ու կրակէն այրուած դռները զննեցի։ Աղբիւրին դուռը ու թագաւորին աւազանը անցայ։ Տակս եղող անասունին անցնելու տեղ չկար։ Գիշերով հեղեղատէն վեր ելայ ու պարիսպը զննեցի ու դարձայ, Ձորի դռնէն մտայ ու այսպէս նորէն իմ տեղս դարձայ։ Ոստիկանները իմ ուր երթալս ու ինչ ընելս չիմացան ու Հրեաներուն կամ քահանաներուն կամ ազնուականներուն կամ ոստիկաններուն եւ կամ ուրիշներուն, որոնք կը գործէին, մինչեւ այն ատեն, բան չըսի։ Ետքը անոնց ըսի. «Դուք կը տեսնէք այս թշուառութիւնը, որուն մէջ կը գտնուինք եւ թէ ի՛նչպէս Երուսաղէմ աւերուած ու անոր դռները կրակով այրուած են։ Եկէք Երուսաղէմի պարիսպը շինենք, որպէս զի այսուհետեւ չնախատուինք»։ Եւ իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը իմ վրաս ըլլալը ու թագաւորին ինծի ըսած խօսքերն ալ անոնց պատմեցի ու անոնք ըսին. «Ելլենք շինենք»։ Իրենց ձեռքերը ուժովցուցին այս բարի գործին համար։ Բայց Որոնացի Սանաբաղատն ու Ամմոնացի ծառան Տուբիան եւ Արաբացի Գեսամը լսելով՝ մեզ ծաղրեցին ու քամահրելով՝ ըսին. «Այս ձեր ըրած գործը ի՞նչ պիտի ըլլայ. միթէ դուք թագաւորէն ապստամբի՞լ կ’ուզէք»։ Անոնց պատասխան տուի ու ըսի. «Երկնքի Աստուածը ինք մեզի յաջողութիւն պիտի տայ ու մենք, որ անոր ծառաներն ենք, պիտի ելլենք ու շինենք, բայց դուք Երուսաղէմի մէջ բաժին, իրաւունք ու յիշատակ չունիք»։ Մեծ քահանան Եղիասիբն ու անոր քահանայ եղբայրները ելան ու Ոչխարներու դուռը շինեցին։ Անոնք զանիկա օծեցին եւ անոր փեղկերը կանգնեցուցին ու զանիկա մինչեւ Մէային աշտարակը, մինչեւ Անանայէլին աշտարակը օծեցին։ Անոր քով Երիքովի մարդիկը շինեցին ու անոնց քով Իմրիի որդին Զաքուրը շինեց։ Ձուկերու դուռը Սենաային որդիները շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին։ Անոնց քով Ակկուսին որդիին Ուրիային որդին Մերամօթը նորոգեց ու անոնց քով Մասիզեբէլի որդիին Բարաքիային որդին Մեսուղամը նորոգեց եւ անոնց քով Բաանային որդին Սադովկը նորոգեց։ Անոնց քով Թեկուացիները նորոգեցին. բայց անոնց մեծերը իրենց Տէրոջը գործին վիզերնին չծռեցին։ Հին դուռը Փասէին որդին Յովիադան ու Բասոդիային որդին Մեսուղամը նորոգեցին։ Անոնք զանիկա շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին։ Անոնց քով Գաբաւոնացի Մելատիան ու Մերոնոթացի Յադոն եւ Գաբաւոնի ու Մասփայի մարդիկը շինեցին՝ մինչեւ Գետին այս կողմը եղող իշխանին աթոռը։ Անոր քով ոսկերիչներէն Հարհայիային որդին Ոզիէլը նորոգեց ու անոր քով դեղագործներուն որդին Անանիան նորոգեց, բայց Երուսաղէմը՝ մինչեւ լայն պարիսպը՝ թողուցին։ Եւ անոնց քով Երուսաղէմի կէս մասին իշխանը՝ Ովրի որդին Հռափայիան նորոգեց։ Անոնց քով ու իր տանը դէմ Հարումափին որդին Յեդայիան նորոգեց, անոր քով Ասաբանիային որդին Քետտուսը նորոգեց։ Միւս բաժինը ու փուռերուն աշտարակը Հարիմին որդին Մեղքիան ու Փաաթ-Մովաբին որդին Ասուբը նորոգեցին։ Անոր քով Երուսաղէմի կէս մասին իշխանը, Ալօեսի որդին Սեղղումը՝ ինք ու իր աղջիկները նորոգեցին։ Ձորին դուռը Անոնն ու Զանովին բնակիչները նորոգեցին։ Անոնք զանիկա շինեցին ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուցին ու պարիսպէն հազար կանգուն շինեցին մինչեւ Աղբերուն դուռը։ Աղբերուն դուռը Բեթաքարմայի կողմերու իշխանը՝ Ռեքաբին որդին Մեղքիան նորոգեց ու անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուց։ Աղբիւրին դուռը Մասփայի կողմերու իշխանը Քոլոզէին որդին Սեղղումը նորոգեց ու ծածկեց, անոր փեղկերը, փականքն ու նիգերը անցուց ու թագաւորին պարտէզին մօտ եղող Սիլովային աւազանին պարիսպը մինչեւ Դաւիթին քաղաքէն իջնող աստիճանները շինեց ։ Անկէ ետքը Բեթսուրին կէս մասին իշխանը, Ազբուքին որդին Նէեմիան նորոգեց մինչեւ Դաւիթին գերեզմաններուն դէմը ու մինչեւ արուեստական աւազանը ու մինչեւ Բեթագաբարին։ Անկէ ետքը Ղեւտացիները նորոգեցին։ Բանիին որդին Հռէումը, անոր քով Կէիլային կէս մասին իշխանը Ասաբիան իր տեղերը նորոգեց։ Անկէ ետքը անոնց եղբայրները, Կէիլային կէս մասին իշխանը, Ենադադին որդին Բաւային նորոգեց։ Անոր քով Մասփայի իշխանը, Յեսուին որդին Եզերը, միւս բաժինը նորոգեց, այսինքն պարսպին դարձուածքը, որ զինարանը ելլելու ճամբուն դէմ է։ Անկէ ետքը միւս բաժինը, պարսպին դարձուածքէն մինչեւ մեծ քահանային Եղիասիբին տանը դուռը, Զաբբային որդին Բարուքը փութով նորոգեց։ Անկէ ետքը միւս բաժինը՝ Եղիասիբին տանը դռնէն մինչեւ Եղիասիբին տանը ծայրը՝ Ակկուսի որդիին Ուրիայի որդին Մերամօթը նորոգեց։ Անկէ ետքը քահանաները, դաշտաբնակները նորոգեցին։ Անկէ ետքը Բենիամին ու Ասուբ իրենց տուներուն առջեւը նորոգեցին։ Անկէ ետքը Անանիային որդիին Մաասիային որդին Ազարիան իր տանը դէմը նորոգեց։ Անկէ ետքը միւս բաժինը, Ազարիային տունէն մինչեւ պարսպին դարձուածքը, մինչեւ անկիւնը, Ենադադին որդին Բանուին նորոգեց։ Ոզային որդին Փաղադը պարսպին դարձուածքին դէմ ու բանտի գաւիթին քով եղող թագաւորին վերի պալատին դուրսի աշտարակը շինեց ու անոր ետեւէն Փարոսին որդին Փադայիան շինեց ։ Նաթանայիմները, որոնք Ոփաղ կը բնակէին, մինչեւ արեւելեան կողմը եղող Ջուրի դրանը դէմը ու դուրսի աշտարակը նորոգեցին ։ Անկէ ետքը միւս բաժինը, դուրսի մեծ աշտարակի առջեւէն մինչեւ Ոփաղին պարիսպը, Թեկուացիները նորոգեցին։ Ձիերու դռնէն վեր քահանաները նորոգեցին։ Ամէն մարդ իր տանը առջեւը շինեց։ Անկէ ետքը Եմմերին որդին Սադովկը իր տանը առջեւը նորոգեց ու անկէ ետքը արեւելեան դրանը պահապանը՝ Սեքենիային որդին Սեմայիան նորոգեց։ Անկէ ետքը միւս բաժինը Սեղեմիային որդին Անանիան ու Սեղեփին վեցերորդ որդին Անոնը նորոգեցին։ Անկէ ետքը Բարաքիային որդին Մեսուղամը իր սենեակին առջեւը նորոգեց։ Անկէ ետքը Սարեփիին որդին Մեղքիան, մինչեւ Նաթանայիմներուն ու վաճառականներուն տունը Մափկաթին դրանը առջեւը ու մինչեւ անկիւնը ելլելու տեղը՝ ՝ նորոգեց։ Անկիւնը ելլելու տեղէն մինչեւ Ոչխարներու դուռը ոսկերիչներն ու վաճառականները նորոգեցին։ Երբ Սանաբաղատը լսեց, որ մենք պարիսպը կը շինենք, սիրտը նեղացաւ ու շատ սրդողելով Հրեաները ծաղր ըրաւ։ Իր եղբայրներուն ու Սամարիայի զօրքին առջեւ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս տկար Հրեաները ի՞նչ կը շինեն. միթէ թոյլտուութիւն կա՞յ. միթէ զո՞հ պիտի մատուցանեն ու այսօ՞ր լմնցնեն։ Միթէ այրուած քարերը փոշիի դէզերէն պիտի կենդանացնե՞ն»։ Ամմոնացի Տուբիան, որ անոր քով էր, ըսաւ. «Եթէ աղուէս մըն ալ ելլէ անոնց շինածին վրայ, անոնց քարէ պարիսպը պիտի փլցնէ»։ Ո՛վ մեր Աստուածը, լսէ՛, վասն զի նախատուեցանք ու անոնց նախատինքը իրենց գլուխը դարձուր ու զանոնք գերութեան երկրի մէջ աւարառութեան մատնէ Եւ անոնց անօրէնութիւնը մի՛ ծածկեր ու քու առջեւէդ անոնց մեղքը մի՛ ջնջեր. քանզի շինողներուն առջեւ քեզ բարկացուցին։ Մենք պարիսպը շինեցինք ու բոլոր պարիսպը մինչեւ կէսը հասաւ. վասն զի ժողովուրդը գործելու սիրտ ունէր։ Երբ Սանաբաղատն ու Տուբիան եւ Արաբացիներն ու Ամմոնացիները ու Ազովտացիները լսեցին, թէ Երուսաղէմի պարիսպներուն նորոգութիւնը յառաջ կ’երթայ ու փլած տեղերը սկսեր են շինուիլ, շատ սրդողեցան Եւ ամէնքը համաձայնեցան, որ գան Երուսաղէմի դէմ պատերազմին ու անոր վնասեն, Բայց մենք մեր Աստուծոյն աղօթքը ըրինք ու մեզ անոնցմէ պաշտպանուելու համար ՝ ՝ ցորեկ ու գիշեր պահապաններ դրինք։ Յուդան ըսաւ. «Բեռնակիրներուն ոյժը հատաւ ու հողը շատ է. մենք պիտի չկրնանք պարիսպը շինել»։ Ու մեր թշնամիները կ’ըսէին. «Թող չգիտնան ու չտեսնեն, մինչեւ մենք անոնց մէջ մտնենք ու զանոնք մեռցնենք եւ անոնց գործը խափանենք»։ Բայց անոնց քով բնակող Հրեաները մեզի եկան եւ տասը անգամ մեզի ըսին. «Ամէն կողմէ, ուր որ կը բնակին, մեր վրայ պիտի յարձակին »։ Ուստի ցած տեղերը՝ պարսպին ետեւը ու բարձր տեղերը՝ ՝ ժողովուրդը իրենց ազգատոհմերուն համեմատ բաժնելով կեցուցի ու իրենց սուրերովը, նիզակներովն ու աղեղներովը կեցուցի։ Նայեցայ ու ելայ եւ իշխաններուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. «Անոնց երեսէն մի՛ վախնաք. յիշեցէ՛ք Տէրը, որ մեծ ու ահեղ է եւ ձեր եղբայրներուն, տղաքներուն, աղջիկներուն, կիներուն ու տուներուն համար պատերազմեցէ՛ք»։ Ահա մեր թշնամիները լսեցին, թէ մենք իմացեր ենք եւ Աստուած իրենց խորհուրդը խափանեց, մենք ամէնքս պարիսպը շինել սկսանք, ամէն մէկը իր գործին։ Այն օրէն ի վեր իմ մարդոցս կէսը կ’աշխատէին ու կէսն ալ նիզակներ, ասպարներ, աղեղներ ու զրահներ կը բռնէին ու իշխանները Յուդայի բոլոր ազգատոհմերուն ետեւը կը կենային ։ Պարիսպը շինողներն ու բեռնակիրները ու բեռցնողները, ամէն մէկը իր մէկ ձեռքովը կ’աշխատէր ու միւս ձեռքովը զէնքը կը բռնէր։ Շինողներէն իւրաքանչիւրը իր սուրը մէջքը կապած՝ կը գործէր ու փողահարը իմ քովս էր։ Ազնուականներուն ու ոստիկաններուն ու մնացած ժողովուրդին ըսի. « Այս գործը մեծ ու ընդարձակ է ու մենք պարսպին վրայ ցրուած ենք եւ իրարմէ հեռու ենք. Ուստի փողին ձայնը երբ որ լսէք, մեր հաւաքատեղին հաւաքուեցէք. մեզի համար մեր Աստուածը պատերազմ պիտի ընէ»։ Մենք այսպէս մեր գործը կ’ընէինք եւ ժողովուրդին կէսը, արշալոյսին ծագած ատենէն մինչեւ աստղերուն երեւցած ատենը, նիզակներ բռնած կը կենային։ Այն ատեն ժողովուրդին ըսի. «Ամէն մարդ իր ծառային հետ գիշերները Երուսաղէմի մէջ թող մնայ, որպէս զի գիշերը մեզի համար պահպանութիւն ընէ ու ցորեկը գործէ»։ Ես ու իմ եղբայրներս եւ իմ ծառաներս ու իմ ետեւէս եկող պահապան մարդիկը ամենեւին մեր հանդերձները չէինք հաներ՝ բացի լուացուելու ատենէն՝ ՝։ Ժողովուրդը ու անոնց կիները իրենց Հրեայ եղբայրներուն դէմ մեծ աղաղակ բարձրացուցին։ Ոմանք կ’ըսէին. «Մենք մեր տղաքներովն ու աղջիկներովը շատուոր ենք. երթանք ուտելիք ծախու առնենք, որպէս զի ուտենք ու ապրինք»։ Ոմանք ալ կ’ըսէին. «Մենք մեր արտերը, այգիներն ու տուները գրաւի կը դնենք, որպէս զի սովի համար ուտելիք ծախու առնենք»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Թագաւորին հարկ տալու համար մեր արտերն ու այգիները գրաւի դրինք ու ստակ փոխ առինք Ու հիմա մեր մարմինը մեր եղբայրներուն մարմնին պէս է ու մեր որդիները՝ անոնց որդիներուն պէս եւ ահա մենք մեր տղաքներն ու աղջիկները իբր ծառայ կը ծախենք եւ արդէն մեր աղջիկներէն աղախին ըլլալու ծախուածներ ալ կան ու բան մը ընելու կարող չենք. որովհետեւ մեր արտերն ու այգիները ուրիշներուն ձեռքն են»։ Երբ ես անոնց աղաղակն ու այս խօսքերը լսեցի, խիստ նեղուեցայ։ Մտքիս մէջ խորհելէ յետոյ՝ ազնուականներն ու ոստիկանները յանդիմանեցի ու անոնց ըսի. «Դուք ամէնքդ ալ ձեր եղբայրներէն վաշխ կ’առնէք»։ Անոնց դէմ մեծ ժողով մը գումարեցի։ Այն ատեն անոնց ըսի. «Մենք հեթանոսներուն ծախուած մեր Հրեայ եղբայրները մեր կարողութեան ներած չափով ծախու առինք ու հիմա դուք ձեր եղբայրները կը ծախէ՞ք, կամ անոնք պէ՞տք է մեզի ծախուին»։ Անոնք լռեցին ու չկրցան պատասխան տալ։ Ուստի ըսի. «Այդ ձեր ըրածը աղէկ բան չէ. պէտք չէ՞ որ մեր Աստուծոյն վախովը քալէք, որպէս զի մեր թշնամիներուն առջեւ խայտառակ չըլլանք։ Ես ալ ու իմ եղբայրներս ու ծառաներս ալ ստակ ու ցորեն փոխ տուած ենք անոնց, բայց հիմա այս պարտքը անոնց կը շնորհենք։ Ուստի ձեզի կ’աղաչեմ, որ այսօր անոնց ետ դարձնէք անոնց արտերը, այգիները, ձիթենիներն ու տուները. նաեւ ստակին, ցորենին, գինիին ու իւղին հարիւրէն մէկը, որ անոնցմէ կը պահանջէք»։ Անոնք ըսին. «Ետ պիտի դարձնենք ու անոնցմէ բա՛ն մը պիտի չպահանջենք։ Ինչպէս ըսիր՝ այնպէս պիտի ընենք»։ Այն ատեն քահանաները կանչեցի ու անոնց երդում ընել տուի, որ այսպէս ընեն։ Նաեւ հանդերձս թօթուեցի ու ըսի. «Ով որ այս բանը չկատարէ, իր տունէն ու վաստակէն Աստուած այսպէս թող թօթուէ, այսպէս թող թօթուըուի ու պարպուի»։ Բոլոր ժողովուրդը «Ամէն», ըսին ու Տէրը օրհնեցին ու ժողովուրդը ըսուածը կատարեց։ Յուդայի երկրին մէջ անոնց իշխանը եղած օրէս՝ Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարիէն մինչեւ երեսունըերկրորդ տարին տասնըերկու տարի՝ թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ եղբայրներս իշխանութեան ռոճիկը չառինք՝ ՝։ Բայց ինծմէ առաջ եղող նախորդ իշխանները ժողովուրդին բեռ կ’ըլլային ու անոնցմէ հաց ու գինի կ’առնէին՝ քառասուն սիկղ արծաթէ զատ։ Անոնց ծառաներն ալ ժողովուրդին վրայ կը բռնանային. բայց ես Աստուծմէ վախնալով՝ այնպէս չըրի։ Նաեւ այս պարսպին գործին մէջ աշխատեցայ ու մենք արտ ծախու չառինք եւ իմ բոլոր ծառաներս հոն հաւաքուած էին այն գործին համար։ Հրեաներէն ու ոստիկաններէն հարիւր յիսուն մարդ ու շրջակայ ազգերէն մեզի եկողները իմ սեղանէս կ’ուտէին ։ Ամէն օրուան ծախքս այս էր՝ արջառ մը ու վեց ընտիր ոչխար եւ ինծի համար թռչուններ ալ կը պատրաստուէին ու տասը օրը անգամ մը առատութեամբ ամէն տեսակ գինիէ կ’ելլէր. ասկէ զատ՝ իշխանութեան ռոճիկն ալ չպահանջեցի, վասն զի այս ժողովուրդին գործը ծանր էր։ Ո՛վ Աստուած իմ, այս ժողովուրդին ըրածներուս համեմատ զիս յիշէ։ Երբ Սանաբաղատը, Տուբիան, Արաբացի Գեսամը ու մեր միւս թշնամիները լսեցին, որ ես պարիսպը շինեցի ու հոն փլած տեղ մը չմնաց (թէպէտեւ մինչեւ այն ատեն դռներուն փեղկերը դրած չէի), Սանաբաղատն ու Գեսամը ինծի մարդ ղրկեցին ու ըսին. «Եկո՛ւր, Ովնովին դաշտին գիւղերուն մէջ իրարու հետ տեսնուինք»։ Բայց անոնք ինծի չարութիւն ընել կը խորհէին։ Անոնց պատգամաւորներ ղրկեցի ու ըսի. «Ես մեծ գործով շատ զբաղած եմ ու չեմ կրնար իջնել։ Ինչո՞ւ համար գործը դադրի, երբ զանիկա թողում ու ձեզի գամ»։ Անոնք ինծի չորս անգամ այսպիսի խօսքեր ղրկեցին, ես ալ անոնց նոյն պատասխանը տուի։ Հինգերորդ անգամին Սանաբաղատը նոյն խօսքերով իր մանչը ինծի ղրկեց՝ ձեռքը բաց թուղթով մը, Որուն մէջ այսպէս գրուած էր. «Ազգերու մէջ լսուեցաւ ու Գեսամը կ’ըսէ թէ դուն ու Հրեաները ապստամբիլ կը խորհիք. դուն անոր համար կը շինես պարիսպը, որ անոնց թագաւոր ըլլաս, ինչպէս կ’ըսուի՝ ՝։ Նաեւ Երուսաղէմի մէջ մարգարէներ հաստատեցիր, որպէս զի քարոզեն ու քեզի համար ըսեն՝ ‘Անիկա Հրէաստանի թագաւոր է’ ու հիմա այս խօսքերը թագաւորին ականջը պիտի հասնին. ուրեմն եկո՛ւր, որ մէկտեղ խորհուրդ ընենք»։ Բայց ես անոր մարդ ղրկեցի ու ըսի. «Իրականութիւնը քու ըսածիդ պէս չէ, հապա ատոնք դուն քեզմէ հնարեցիր»։ (Վասն զի անոնք մեզ կը վախցնէին, որպէս զի մեր ձեռքը թուլնայ ու գործը չկատարուի։ Ուստի, ո՛վ Տէր, իմ ձեռքերս ուժովցուր)։ Երբ ես Մետաբեէլին որդիին Դաղայիային որդիին Սեմայիային տունը մտայ, անիկա տանը մէջ գոցուած էր ու ըսաւ. « Եկո՛ւր մէկտեղ Աստուծոյ տունը, տաճարը երթանք ու տաճարին դռները գոցենք, վասն զի քեզ մեռցնելու պիտի գան։ Անոնք գիշերով պիտի գան քեզ մեռցնելու»։ Ես ըսի. «Միթէ ինծի պէս մարդը կը փախչի՞ եւ ո՞վ կայ ինծի պէս, որ տաճարը մտնէ ապրելու համար։ Չեմ մտներ»։ Աղէկ հասկցայ թէ Աստուած զինք ղրկած չէր, հապա իմ վրաս այս մարգարէութիւնը ինքնիրմէ խօսեցաւ. վասն զի Տուբիան ու Սանաբաղատը զանիկա վարձքով բռներ էին։ Անոր համար վարձքով բռներ էին զանիկա, որպէս զի ես վախնամ ու մեղանչեմ եւ ատոնք զիս բամբասելու ու իմ անունս աւրելու պատճառ մը ունենան։ Ո՛վ Աստուած իմ, Տուբիան ու Սանաբաղատը այս իրենց գործերուն համեմատ ու Նովադիա մարգարէուհին ու զիս վախցնող միւս մարգարէները յիշէ։ Պարիսպը Իլուլ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը ՝ յիսունըերկու օրուան մէջ լմնցաւ։ Երբ մեր բոլոր թշնամիները լսեցին, մեր շուրջի բոլոր ազգերը վախցան ու շատ ամչցան ու իմացան որ այս գործը մեր Աստուծոյն օգնութիւնովը կատարուեցաւ։ Այն օրերը Յուդայի ազնուականներէն Տուբիային շատ նամակներ կ’երթային, Տուբիայէն ալ անոնց նամակներ կու գային. Վասն զի Յուդայէն շատ մարդիկ անոր հետ երդումով միաբաներ էին. քանզի անիկա Արահեան Սեքենիային փեսան էր ու անոր որդին Յօհանան Բարաքիային որդիին Մեսուղամին աղջիկը առեր էր։ Նաեւ իմ առջեւս անոր աղէկութիւնները կը պատմէին ու իմ խօսքերս անոր կը հասցնէին։ Տուբիան ինծի նամակ ղրկեց զիս վախցնելու համար։ Երբ պարիսպը լմնցաւ եւ դռներուն փեղկերը անցուցի ու դռնապաններ, երգողներ ու Ղեւտացիներ դրուեցան, Իմ եղբայրս Անանին եւ աշտարակին իշխանը Անանիան (որ հաւատարիմ ու շատերէն աւելի Աստուածավախ մարդ մըն էր) Երուսաղէմի վրայ դրի։ Անոնց ըսի. «Մինչեւ որ արեւը չտաքնայ, Երուսաղէմի դռները մի՛ բանաք։ Ձեր ներկայութեան դռները թող գոցեն ու նիգերը դնեն ու Երուսաղէմի բնակիչներէն պահապաններ կարգեն, ամէն մէկը իր պաշտօնատեղին ու ամէն մէկը իր տանը առջեւ»։ Քաղաքը ընդարձակ ու մեծ էր, բայց մէջի ժողովուրդը քիչ էր ու տուները շինուած չէին։ Իմ Աստուածս զիս դրդեց, որ ազնուականները, ոստիկաններն ու ժողովուրդը հաւաքեմ, որպէս զի արձանագրուին։ Առաջին անգամ գերութենէն ելողներուն մէկ ազգաբանութեան գիրքը գտայ, ուր այսպէս գրուած էր. «Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տարած գերիներէն վերադարձող գաւառի բնակիչները ասոնք էին, որոնք Երուսաղէմ ու Յուդա դարձան, ամէն մէկը իր քաղաքը։ Զօրաբաբէլին, Յեսուին, Նէեմիային, Ազարիային, Ռաամիային, Նաեմանիին, Մուրթքէին, Բաղասանին, Մասփարաթին, Բագուէին, Նաւումին ու Բաանային հետ եկան։ Եւ այս էր Իսրայէլի ժողովուրդին մարդոց թիւը. Փարոսին որդիները՝ երկու հազար հարիւր եօթանասունըերկու. Սափատիային որդիները՝ երեք հարիւր եօթանասունըերկու. Արահին որդիները՝ վեց հարիւր յիսունըերկու. Փաաթ-Մովաբին որդիները՝ Յեսուին ու Յովաբին որդիներէն՝ երկու հազար ութ հարիւր տասնըութը. Եղամին որդիները՝ հազար երկու հարիւր յիսունըչորս. Զաթուին որդիները՝ ութը հարիւր քառասունըհինգ. Զաքքային որդիները՝ եօթը հարիւր վաթսուն. Բանուիին որդիները՝ վեց հարիւր քառասունըութը. Բեբայիին որդիները՝ վեց հարիւր քսանըութը. Ազգադին որդիները՝ երկու հազար երեք հարիւր քսանըերկու. Ադոնիկամին որդիները՝ վեց հարիւր վաթսունըեօթը. Բագուէին որդիները՝ երկու հազար վաթսունըեօթը. Ադինին որդիները՝ վեց հարիւր յիսունըհինգ. Ատերին որդիները՝ Եզեկիայէն իննսունըութը. Հասումին որդիները՝ երեք հարիւր քսանըութը. Բեսէիին որդիները՝ երեք հարիւր քսանըչորս. Արիփին որդիները՝ հարիւր տասնըերկու. Գաբաւոնին որդիները՝ իննսունըհինգ. Բեթլէհէմին ու Նետոփային մարդիկը՝ հարիւր ութսունըութը. Անաթովթին մարդիկը՝ հարիւր քսանըութը. Ազամօթին տանը մարդիկը՝ քառասունըերկու. Կարիաթարիմին, Կեփիրային ու Բերովթին մարդիկը՝ եօթը հարիւր քառասունըերեք. Ռամային ու Գաբային մարդիկը՝ վեց հարիւր քսանըմէկ. Մաքմասին մարդիկը՝ հարիւր քսանըերկու. Բեթէլին ու Գայիին մարդիկը՝ հարիւր քսանըերեք. Միւս Նաբաւին մարդիկը՝ յիսունըերկու. Միւս Եղամին որդիները՝ հազար երկու հարիւր յիսունըչորս. Հարիմին որդիները՝ երեք հարիւր քսան. Երիքովին որդիները՝ երեք հարիւր քառասունըհինգ. Ղովդին, Ադիդին ու Ովնովին որդիները՝ եօթը հարիւր քսանըմէկ։ Սենաային որդիները՝ երեք հազար ինը հարիւր երեսուն. Քահանաները՝ Յեսուին տունէն Յեդայիային որդիները՝ ինը հարիւր եօթանասունըերեք. Եմմերին որդիները՝ հազար յիսունըերկու. Փասուրին որդիները՝ հազար երկու հարիւր քառասունըեօթը. Հարիմին որդիները՝ հազար տասնըեօթը հոգի էին։ Ղեւտացիները՝ Ովդուիային որդիներէն Յեսուին ու Կադմիէլին որդիները՝ եօթանասունըչորս հոգի էին։ Երգողները՝ Ասափին որդիները, հարիւր քառասունըութը էին։ Դռնապանները՝ Սեղղումին որդիները, Ատերին որդիները, Տեղմոնին որդիները, Ակկուբին որդիները, Ատիտային որդիները, Սուբային որդիները՝ հարիւր երեսունըութը հոգի էին։ Նաթանայիմները ասոնք էին՝ Սիային որդիները, Ասուփային որդիները, Տաբաւոթին որդիները, Կերոսին որդիները, Սիային որդիները, Փադօնին որդիները, Ղաբանային որդիները, Ագաբային որդիները, Սաղամէին որդիները, Անանին որդիները, Գեդդէլին որդիները, Գաարին որդիները, Ռէայիային որդիները, Ռասինին որդիները, Նեկոդային որդիները, Գազամին որդիները, Ոզային որդիները, Փասէին որդիները, Բասիին որդիները, Մովանիմին որդիները, Նեփուսիմին որդիները, Բակբոկին որդիները, Ակուփային որդիները, Արուրին որդիները, Բասաղօթին որդիները, Մէիդային որդիները, Արսային որդիները, Բարկոսին որդիները, Սիսարային որդիները, Թամային որդիները, Նեսիային որդիները, Ատեփային որդիները, Սողոմոնին ծառաներուն որդիները, Սոտէին որդիները, Սոփերաթին որդիները, Փարեդային որդիները, Յեղային որդիները, Դերկոնին որդիները, Գեդդէլին որդիները, Սափատիային որդիները, Ատտիլին որդիները, Փաքարաթ-Ասեբայիմին որդիները, Ամոնին որդիները. Բոլոր Նաթանայիմներն ու Սողոմոնին ծառաներուն որդիները երեք հարիւր իննիսունըերկու հոգի էին։ Ու Թեղմեղայէն, Թեղարսայէն, Քերուբէն, Ադդօնէն ու Եմմերէն ելլողները ասոնք էին՝ բայց իրենց հայրերուն տունը ու իրենց սերունդը, այսինքն Իսրայէլէն ըլլալնին չկրցան ցուցնել. Գաղայիային որդիները, Տուբիային որդիները, Նեկոդային որդիները՝ վեց հարիւր քառասունըերկու մարդ։ Քահանաներէն՝ Աբաիային որդիները, Ակկուսին որդիները, Բերզելիին որդիները, որոնք Գաղաադացի Բերզելիին աղջիկներէն կին առնելով՝ անոնց անունովը կոչուեցան։ Ասոնք իրենց ազգաբանութեան գիրքը փնտռեցին, բայց չկրցան գտնել ու անմաքուր սեպուելով՝ քահանայութենէն արձակուեցան։ Եւ Աթարսաթան անոնց ըսաւ. «Մինչեւ որ Ուրիմով ու Թումիմով քահանայ մը չելլէ, անոնք ամենասուրբ բաներէն պիտի չուտեն»։ Բոլոր ժողովուրդը մէկտեղ քառասունըերկու հազար երեք հարիւր վաթսուն հոգի էին, Բացի անոնց ծառաներէն ու աղախիններէն, որոնք եօթը հազար երեք հարիւր երեսունըեօթը հոգի էին ու անոնց մէջ երկու հարիւր քառասունըհինգ այր եւ կին երգողներ կային։ Անոնց ձիերը՝ եօթը հարիւր երեսունըվեց, ջորիները՝ երկու հարիւր քառասունըհինգ Եւ ուղտերը՝ չորս հարիւր երեսունըհինգ ու էշերը՝ վեց հազար եօթը հարիւր քսան հատ էին։ Տոհմերու իշխաններէն ոմանք՝ գործին համար ընծայ տուին։ Աթարսաթան հազար ոսկի դրամ, յիսուն սկաւառակ ու հինգ հարիւր երեսուն քահանայական պատմուճան տուաւ գանձին։ Տոհմերու իշխաններէն ոմանք գործաւորութեան գանձին քսան հազար ոսկի դրամ ու երկու հազար հարիւր մնաս արծաթ տուին։ Մնացած ժողովուրդին տուածները քսան հազար ոսկի դրամ ու երկու հազար մնաս արծաթ ու վաթսունըեօթը քահանայական պատմուճան էին։ Քահանաներն ու Ղեւտացիները եւ դռնապաններն ու երգողները եւ ժողովուրդէն եղողները ու Նաթանայիմները եւ բոլոր Իսրայէլ իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան։ Եօթներորդ ամիսը Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքներուն մէջ հաստատուած էին։ Բոլոր ժողովուրդը մէկ մարդու պէս՝ Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակը հաւաքուեցան ու Եզրաս դպիրին ըսին որ Մովսէսին օրէնքներու գիրքը բերէ, որ Տէրը Իսրայէլին տուած էր։ Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը Եզրաս քահանան օրէնքներու գիրքը ժողովուրդին առջեւ բերաւ, որ այր ու կին մարդոցմէ ու լսելու եւ հասկնալու կարողութիւն ունեցողներէ բաղկացած էր. Զանիկա Ջուրի դրանը առջեւի հրապարակին մէջ առտուընէ մինչեւ կէսօր այր ու կին մարդոց ու հասկցողներուն առջեւ կարդաց եւ բոլոր ժողովուրդը իրենց ականջները օրէնքներու գրքին տուեր էին ։ Եզրաս դպիրը յատուկ ասոր հարմար շինուած տախտակէ բեմին վրայ կայնեցաւ ու անոր աջ կողմը՝ Մատաթիան, Սեման, Անանիան, Ուրիան, Քեղկիան ու Մաասիան եւ ձախ կողմ ը կեցան՝ Փադայիան, Միսայէլը, Մեղքիան, Հասումը, Ասբադանան, Զաքարիան ու Մեսուղամը։ Եզրաս գիրքը բացաւ բոլոր ժողովուրդին աչքերուն առջեւ. վասն զի ինք բոլոր ժողովուրդէն բարձր էր ու զանիկա բացածին պէս բոլոր ժողովուրդը ոտքի ելաւ։ Այն ատեն Եզրաս Եհովա մեծ Աստուածը օրհնեց ու բոլոր ժողովուրդը ձեռքերնին վերցուցին ու «Ամէ՜ն, Ամէ՜ն», ըսին եւ երեսնին գետինը ծռելով՝ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին։ Յեսուն, Բանին, Սարաբիան, Յամինը, Ակկուղը, Սաբեթան, Ովդիան, Մաասիան, Կովղիտան, Ազարիան, Յովզաբադը, Անանը, Փաղայիան ու Ղեւտացիները օրէնքը ժողովուրդին կը հասկցնէին եւ ժողովուրդը կարգով կեցեր էր։ Անոնք Աստուծոյ օրէնքի գիրքը յստակ կերպով կարդացին ու մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին։ Նէեմիա Աթարսաթան, որ կառավարիչն էր, Եզրաս քահանան ու դպիրը եւ ժողովուրդին հասկցնող Ղեւտացիները ժողովուրդին ըսին. «Այս օրը ձեր Տէր Աստուծոյն սուրբ օրն է, ուստի սուգ մի՛ ընէք ու մի՛ լաք». վասն զի բոլոր ժողովուրդը կու լային, երբ օրէնքին խօսքերը կը լսէին։ Անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, պարարտ բաներ կերէ՛ք ու անոյշ բաներ խմեցէ՛ք ու պատրաստութիւն չունեցողներուն բաժիններ ղրկեցէ՛ք, քանզի այս օրը մեր Տէրոջը սուրբ օրն է ու մի՛ տրտմիք. վասն զի Տէրոջը ուրախութիւնը ձեր զօրութիւնն է»։ Այն ատեն Ղեւտացիները բոլոր ժողովուրդը լռեցուցին՝ ըսելով. «Լո՛ւռ կեցէք, քանզի ասիկա սուրբ օր է ու մի՛ տրտմիք»։ Բոլոր ժողովուրդը ուտելու ու խմելու ու բաժիններ ղրկելու եւ մեծ ուրախութիւն ընելու գացին, վասն զի իրենց բացատրուած խօսքերը հասկցան։ Երկրորդ օրը՝ բոլոր ժողովուրդին տոհմապետները, քահանաներն ու Ղեւտացիները Եզրաս դպիրին քով հաւաքուեցան, որպէս զի օրէնքին խօսքերը հասկնան։ Օրէնքներու գրքին մէջ գրուած գտան, թէ՝ Տէրը Մովսէսին միջոցով հրամայեր է, որ եօթներորդ ամսուան տօնին Իսրայէլի որդիները տաղաւարներու մէջ բնակին, Նաեւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ հրատարակեն ու քարոզեն՝ ըսելով. «Լեռը ելէք ու ձիթենիի ոստեր, մայրի ծառի ոստեր ու մրտենիի ոստեր եւ արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր բերէ՛ք, որպէս զի տաղաւարներ շինէք, ինչպէս գրուած է»։ Ժողովուրդը ելաւ ու բերաւ ու ամէն մարդ իր տանիքին վրայ ու իր գաւիթին մէջ եւ Աստուծոյ տանը գաւիթներուն մէջ ու Ջուրի դրանը հրապարակին մէջ ու Եփրեմին դրանը հրապարակին մէջ՝ իրենց տաղաւարներ շինեցին։ Գերութենէ դարձող բոլոր ժողովուրդը տաղաւարներ շինեցին ու տաղաւարներու մէջ նստան. վասն զի Իսրայէլի որդիները՝ Նաւեան Յեսուին օրերէն մինչեւ այդ օրը՝ այնպէս ըրած չէին ու խիստ մեծ ուրախութիւն եղաւ։ Առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը՝ ամէն օր՝ Աստուծոյ օրէնքներու գիրքը կարդացուեցաւ։ Եօթը օր տօն ըրին եւ ութերորդ օրը հանդիսաւոր ժողով եղաւ, ինչպէս հրամայուած էր։ Այս ամսուան քսանըչորրորդ օրը Իսրայէլի որդիները ծոմով, քուրձերով ու վրանին հող ցանուած մէկտեղ հաւաքուեցան։ Իսրայէլի որդիները բոլոր օտարազգիներէն զատուեցան ու Աստուծոյ առջեւ կենալով՝ իրենց մեղքերն ու իրենց հայրերուն անօրէնութիւնները խոստովանեցան։ Իրենց տեղը կենալով՝ օրուան մէկ չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն օրէնքներու գրքէն կարդացին ու մէկ չորրորդ մասը իրենց Տէր Աստուծոյն խոստովանութիւն ու երկրպագութիւն ըրին։ Յեսուն, Բանին, Կադմիէլը, Սաբանիան, Բունին, Սարաբիան, Բանին ու Քենանի Ղեւտացիները բեմին վրայ ելան ու բարձր ձայնով իրենց Տէր Աստուծոյն աղաղակեցին։ Յեսուն, Կադմիէլը, Բանին, Ասաբանիան, Սարաբիան, Ովդիան, Սաբանիան ու Փեթայիան ու Ղեւտացիները ըսին. «Ելէ՛ք, ձեր Տէր Աստուածը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեցէ՛ք»։ Եւ Եզրաս աղօթեց. «Օրհնեալ ըլլայ քու փառաւորեալ անունդ ու ամէն օրհնութենէ ու գոհութենէ բարձր ըլլայ։ Դո՛ւն, միայն դո՛ւն Տէր ես. երկինքը, երկինքներու երկինքը եւ անոր բոլոր զօրքերը, երկիրն ու բոլոր անոր վրայ եղածները, ծովերն ու անոնց մէջ բոլոր եղածները դո՛ւն ստեղծեցիր եւ ամենուն դո՛ւն կենդանութիւն տուիր ու երկնքի զօրքերը քեզի կ’երկրպագէն։ Դո՛ւն ես այն Տէր Աստուածը, որ Աբրամը ընտրեցիր եւ զանիկա Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցիր ու անոր անունը Աբրահամի փոխեցիր Եւ անոր սիրտը քու առջեւդ հաւատարիմ գտար ու անոր հետ ուխտ ըրիր որ Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամօրհացիներուն, Փերեզացիներուն, Յեբուսացիներուն ու Գերգեսացիներուն երկիրը իր սերունդին տաս ու քու խօսքդ հաստատեցիր, վասն զի արդար ես։ «Ու Եգիպտոսի մէջ մեր հայրերուն նեղութեանը նայեցար ու Կարմիր ծովուն քով անոնց աղաղակը լսեցիր Եւ Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն ու անոր երկրին բոլոր ժողովուրդին նշաններ ու հրաշքներ ցուցուցիր, վասն զի գիտցար թէ մեր հայրերուն հետ հպարտութեամբ վարուեցան. բայց դուն այսօրուան պէս քեզի անուն վաստակեցար Եւ ծովը մեր հայրերուն առջեւ պատռեցիր, այնպէս որ ծովուն մէջէն ցամաքով անցան բայց զանոնք հալածողները խորունկ ջուրերու մէջ նետուած քարի պէս անդունդը նետեցիր։ Ցորեկը ամպի սիւնով ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար՝ կրակի սիւնով առաջնորդեցիր անոնց։ «Նաեւ Սինա լերանը վրայ իջար ու անոնց հետ երկնքէն խօսեցար եւ անոնց ուղիղ դատաստաններ, ճշմարիտ օրէնքներ, բարի կանոններ ու պատուիրանքներ տուիր։ Քու սուրբ շաբաթդ անոնց ճանչցուցիր ու քու ծառայիդ Մովսէսին միջոցով անոնց պատուիրանքներ, կանոններ ու օրէնքներ տուիր։ Երբ անօթեցան՝ անոնց երկնքէն հաց տուիր, երբ ծարաւցան՝ անոնց ապառաժէն ջուր հանեցիր։ Անոնց ըսիր, որ մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը, որ անոնց տալու համար ձեռքդ վերցուցիր՝ ՝։ Բայց անոնք, այսինքն մեր հայրերը, հպարտացան ու իրենց պարանոցը խստացուցին եւ քու պատուիրանքներուդ չհնազանդեցան Ու չուզեցին մտիկ ընել եւ իրենց մէջ ըրած հրաշքներդ չյիշեցին. հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու իրենց առաջնորդ մը ընտրեցին, իրենց ծառայութեան դառնալու գլուխ կարգեցին՝ ՝, բայց դուն ներող, ողորմած, գթած, երկայնամիտ ու բազումողորմ Աստուած ըլլալուդ՝ զանոնք երեսէ չձգեցիր. Մանաւանդ՝ երբ անոնք իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ ըսին. «Մեզ Եգիպտոսէն հանող աստուածը, ասիկա է»։ Քեզ մեծապէս անարգեցին, Դուն քու մեծ ողորմութիւնովդ զանոնք անապատին մէջ երեսէ չձգեցիր. ճամբան անոնց առաջնորդելու համար՝ ցորեկը ամպի սիւնը ու գիշերը անոնց գացած ճամբան լուսաւորելու համար կրակի սիւնը անոնց վրայէն չվերցուցիր։ Նաեւ զանոնք իմաստուն ընելու համար քու բարի Հոգիդ տուիր ու անոնց բերնէն քու մանանադ չպակսեցուցիր ու երբ ծարաւցան՝ անոնց ջուր տուիր։ Եւ զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեցիր, անոնց բան մը չպակսեցաւ, անոնց հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան։ Անոնց թագաւորութիւններ ու ժողովուրդներ տուիր ու անոնց սահմանները որոշեցիր։ Անոնք Սեհոնի երկիրը, այսինքն Եսեբոնի թագաւորին երկիրը ու Բասանի Ովգ թագաւորին երկիրը ժառանգեցին։ Անոնց որդիները երկնքի աստղերուն չափ շատցուցիր ու տարիր զանոնք այն երկիրը, որ իրենց հայրերուն խոստացեր էիր՝ ‘Անոնք հոն պիտի մտնեն ու այն երկիրը ժառանգեն’։ Անոնց որդիները մտան ու այն երկիրը ժառանգեցին եւ այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները նուաճեցին ու զանոնք ու անոնց թագաւորները ու երկրին ժողովուրդը իրենց ձեռքը տուիր, որպէս զի իրենց ուզածին պէս վարուին անոնց հետ։ Պարսպապատ քաղաքներ ու բերրի երկիր մը առին ու ամէն բարիքով լեցուն տուներ, փորուած ջրհորներ, այգիներ, ձիթենիներ ու պտղաբեր ծառեր առատօրէն ժառանգեցին, կերան, կշտացան ու գիրցան եւ քու մեծամեծ բարիքներովդ զուարճացան։ Սակայն քեզի դէմ անհնազանդ եղան ու ապստամբեցան եւ քու օրէնքդ մոռցան ու քու մարգարէներդ ալ մեռցուցին, որ զիրենք քեզի դարձնելու համար իրենց վկայութիւնը կու տային՝ ՝ եւ քեզ մեծապէս անարգեցին։ Դուն ալ զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը մատնեցիր, որոնք զիրենք նեղեցին։ Երբ իրենց նեղութեան ատենը քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու առատ ողորմութեանդ համեմատ անոնց ազատարարներ տուիր, որոնք ազատեցին զիրենք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն։ Բայց երբ հանգստութիւն գտան, նորէն քու առջեւդ չարութիւն ըրին. ուստի զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը թողուցիր, որոնք ասոնց վրայ տիրեցին ու երբ նորէն քեզի աղաղակեցին, դուն երկնքէն լսեցիր եւ քու ողորմութեանդ համեմատ կրկին ու կրկին զանոնք ազատեցիր։ Ու քու օրէնքիդ դարձնելու համար անոնց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք հպարտացան ու քու հրամաններուդ չհնազանդեցան եւ քու պատուիրանքներուդ դէմ մեղք գործեցին (զորոնք պահող մարդը անոնցմով կ’ապրի) ու իրենց ուսերը չխոնարհեցուցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին ու չհնազանդեցան։ Եւ շատ տարիներ անոնց երկայնմտութիւն ըրիր ու քու Հոգիովդ, քու մարգարէներուդ միջոցով իրենց վկայութիւն ըրիր, բայց անոնք մտիկ չըրին. ուստի զանոնք օտար ժողովուրդներու ձեռքը մատնեցին։ Սակայն քու առատ ողորմութիւնովդ զանոնք բոլորովին չկորսնցուցիր ու մերժելով չհեռացուցիր քեզմէ, վասն զի դուն ողորմած ու գթած Աստուած ես։ Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, որ ուխտ ու ողորմութիւն պահող, մեծ, զօրաւոր ու ահեղ Աստուած ես, Ասորեստանի թագաւորներուն օրերէն մինչեւ այսօր մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն, մեր քահանաներուն, մեր մարգարէներուն, մեր հայրերուն ու քու բոլոր ժողովուրդիդ ամէն պատահած նեղութիւնները թող քու առջեւդ քիչ չերեւնան։ Սակայն բոլոր մեզի պատահած բաներուն մէջ դուն արդար ես, քանզի դուն ճշմարտութեամբ ըրիր. բայց մենք անօրէնութիւն ըրինք։ Ու մեր թագաւորները, իշխանները, քահանաներն ու հայրերը քու օրէնքդ չպահեցին ու քու պատուիրանքներդ ու անոնց ըրած վկայութիւններուդ մտիկ չըրին։ Եւ անոնք իրենց թագաւորութեան ատենը ու անոնց շատ բարիքներ տուած ատենդ եւ այն ընդարձակ ու բերրի երկրին մէջ որ անոնց տուիր, քեզի ծառայութիւն չըրին ու իրենց չար գործերէն չդարձան. Ահա մենք այսօր ծառայ ենք, մանաւանդ այն երկրին մէջ, որ մեր հայրերուն ստուիր, որպէս զի անոր պտուղները ու բարիքները ուտենք։ Ահա մենք հոս ծառայ ենք։ Այն երկիրը շատ պտուղ կու տայ այն թագաւորներուն, որոնք մեր մեղքերուն համար մեր վրայ դրիր ու անոնք մեր մարմնին վրայ ու մեր անասուններուն վրայ իրենց ուզածին պէս կը տիրեն ու մենք մեծ նեղութեան մէջ ենք։ Այս ամենուն համար մենք հաստատ ուխտ մը կ’ընենք ու կը գրենք ու մեր իշխանները, մեր Ղեւտացիներն ու մեր քահանաները զանիկա թող կնքեն։ Կնքողները ասոնք էին՝ Աքազիայի որդին Նէեմիա Աթարսաթանը, Սեդեկիան, Սարայիան, Ազարիան, Երեմիան, Փասուրը, Ամարիան, Մեղքիան, Քետտուսը, Սաբանիան, Մալուքը, Հարիմը, Մերամօթը, Աբդիան, Դանիէլը, Կանաթոնը, Բարուքը, Մեսուղամը, Աբիան, Միամին, Մաազիան, Բեղգան ու Սեմայիան, ասոնք քահանաներն էին։ Ու Ղեւտացիները, Ազանիային որդին Յեսուն, Բանուին ու Ենադադին որդիներէն Կադմիէլը, Եւ անոնց եղբայրները՝ Սաբանիան, Ովդիան, Կովղիտան, Փաղայիան, Անանը, Միքան, Րոոբը, Ասաբիան, Զաքուրը, Սարաբիան, Սաբանիան, Ովդիան, Բանին ու Բանինուն։ Ժողովուրդին իշխանները, Փարոսը, Փաաթ-Մովաբը, Եղամը, Զաթուն, Բանին, Բունին, Ազգադը, Բեբային, Ադոնիան, Բագուէն, Ադինը, Ատերը, Եզեկիան, Ազուրը, Ովդիան, Հասումը, Բեսէին, Արիփը, Անաթովթը, Նովբայը, Մագփիասը, Մեսուղամը, Եզիրը, Մասիզեբէլը, Սադովկը, Յադդուան, Փաղատիան, Անանը, Անանիան, Ովսէէն, Անանիան, Ասուբը, Ալօէսը, Պիլան, Սօբէկը, Հռէումը, Ասաբանան, Մաասիան, Աքիան, Անանը, Օնանը, Մալուքը, Հարիմը ու Բաանան։ Մնացած ժողովուրդը, քահանաները, Ղեւտացիները, դռնապանները, երգողները, Նաթանայիմներն ու երկիրներու ժողովուրդներէն Աստուծոյ օրէնքին հետեւելու համար բոլոր զատուողները, իրենց կիները, տղաքներն ու աղջիկները, այսինքն ամէն անոնք, որոնք կրնային հասկնալ, Իրենց երեւելի եղբայրներուն հետ միաբանեցան ու անէծքով երդում ըրին, որ Աստուծոյ ծառային Մովսէսին միջոցով տրուած Աստուծոյ օրէնքին մէջ քալեն ու մեր Եհովա Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներն ու օրէնքները եւ կանոնները պահեն ու կատարեն։ Եւ խօսք տուինք, որ մեր աղջիկները երկրին ժողովուրդներուն չտանք եւ անոնց աղջիկները մեր տղոցը չառնենք։ Ու երկրին ժողովուրդներուն շաբաթ օրը ծախելու համար բերած ապրանքները եւ ամէն տեսակ ուտելիքը՝ շաբաթ օրը կամ սուրբ օրերը՝ անոնցմէ չառնենք ու եօթներորդ տարին բոլոր պարտքերն ու պահանջները ներենք։ Ու մեզի կանոն դրինք, որ մեր Աստուծոյն տանը ծառայութեանը համար ամէն տարի սիկղին մէկ երրորդ մասը տանք Առաջաւորութեան հացին, մշտնջենաւոր հացի ընծային, մշտնջենաւոր ողջակէզին, շաբաթներուն, ամսագլուխներուն, տօներուն, սուրբ բաներուն ու Իսրայէլի քաւութիւն ըլլալու համար մեղքի պատարագներուն համար ու մեր Աստուծոյն տանը ամէն գործի համար (Եւ փայտի ընծային համար՝ քահանաներուն, Ղեւտացիներուն ու ժողովուրդին վիճակ ձգեցինք, որ զանիկա մեր Տէր Աստուծոյն սեղանին վրայ վառելու համար, տարուէ տարի՝ որոշուած ատենները ազգատոհմերուն համաձայն մեր Աստուծոյն տունը բերենք, ինչպէս օրէնքին մէջ գրուած է) Ու մեր երկրին առաջին պտուղները եւ ամէն ծառի առաջին պտուղները տարուէ տարի Տէրոջը տունը տանինք։ Մեր որդիներուն ու մեր անասուններուն անդրանիկները՝ ինչպէս օրէնքին մէջ գրուած է ու մեր արջառներուն ու ոչխարներուն անդրանիկները մեր Աստուծոյն տունը տանինք՝ մեր Աստուծոյն տանը մէջ պաշտօն ունեցող քահանաներուն Ու մեր խմորներուն երախայրիները եւ մեր ընծաները, այսինքն ամէն ծառի պտուղ, գինի ու իւղ տանինք քահանաներուն եւ մեր Աստուծոյն տանը սենեակներուն, որ երկրին արտադրութիւններուն տասանորդը Ղեւտացիներուն տանք ու Ղեւտացիները մեր բոլոր երկրագործութեան քաղաքներէն տասանորդներ առնեն։ Ու Ահարոնին որդին՝ քահանան՝ Ղեւտացիներուն տասանորդին մասնակից ըլլայ ու Ղեւտացիները տասանորդին տասանորդը մեր Աստուծոյն տունը՝ գանձատանը սենեակները՝ տանին. Վասն զի Իսրայէլի որդիներն ու Ղեւիի որդիները ցորենին ու գինիին ու իւղին ընծան այն սենեակները պիտի տանին, ուր սրբարանին անօթներն ու պաշտօն ունեցող քահանաներն ու դռնապանները ու երգողները կը կենան. ատով մեր Աստուծոյն տանը վրայով անհոգ պիտի չըլլանք։ Ժողովուրդին իշխանները Երուսաղէմի մէջ բնակեցան ու մնացած ժողովուրդին համար վիճակ ձգեցին, որպէս զի տասէն մէկը բերեն Երուսաղէմ սուրբ քաղաքը բնակելու ու միւս ինը բաժինը ուրիշ քաղաքներու մէջ բնակին ։ Եւ ժողովուրդը օրհնեց այն մարդիկը, որոնք յօժար կամքով իրենց անձը ընծայեցին Երուսաղէմի մէջ բնակելու։ Երուսաղէմի մէջ բնակող գաւառին իշխանները ասոնք էին (սակայն Յուդայի քաղաքներուն մէջ՝ Իսրայէլը, քահանաները, Ղեւտացիները, Նաթանայիմներն ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները, ամէն մարդ իր կալուածին մէջ, իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան)։ Յուդայի ու Բենիամինի որդիներէն ոմանք ալ Երուսաղէմ բնակեցան։ Յուդայի որդիներէն էին՝ Մաղաղիէլին որդիին Սափատիային որդիին Ամարիային որդիին Զաքարիային որդիին Ոզիային որդին Աթայիան, որ Փարէսի որդիներէն էր. Սիլօնիին որդիին Զաքարիային որդիին Յովարիբին որդիին Ադայիային որդիին Ազայիային որդիին Քոլոզէին որդիին Բարուքին որդին Մաասիան։ Երուսաղէմի մէջ բնակող Փարէսի որդիները չորս հարիւր վաթսունըութը զօրաւոր մարդիկ էին։ Բենիամինին որդիները ասոնք էին՝ Եսայիին որդիին Իթիէլին որդիին Մաասիային որդիին Կովղիային որդիին Փադայիային որդիին Յովադին որդիին Մեսուղամին որդին Սալլուն։ Ասոնց հետ՝ Գեբէին, Սելէին եւ այլն, ինը հարիւր քսանըութը հոգի Ու անոնց վրայ իշխան՝ Զեքրիին որդին Յովէլն էր, իսկ Սենուային որդին Յուդան քաղաքին վրայ տեղակալ էր։ Քահանաներէն՝ Յովարիբին որդին Յեդայիան, Յաքին, Աստուծոյ տանը վերակացուն, Աքիտովբին որդիին Մարիօթին որդիին Սադովկին որդիին Մեսուղամին որդիին Քեղկիային որդին Սաբայիան Եւ անոնց եղբայրները, որոնք Աստուծոյ տունը կ’աշխատէին, ութը հարիւր քսանըերկու հոգի էին ու Մեղքիային որդիին Փասուրին որդիին Զաքարիային որդիին Ամասիին որդիին Փաղաղիային որդիին Յերոամին որդին Ադայիան Ու անոր եղբայրները՝ տոհմապետները՝ երկու հարիւր քառասունըերկու հոգի էին ու Եմմերին որդիին Մեսեղամօթին որդիին Ահզային որդիին Ազարիէլին որդին Ամեսային Եւ անոնց եղբայրները հարիւր քսանըութը զօրաւոր կտրիճներ էին։ Անոնց իշխանն էր Ագեդողիմին որդին Զարդիէլը։ Ղեւտացիներէն՝ Բունիին որդիին Ասաբիային որդիին Եզրիկամին որդիին Ասուբին որդին Սեմայիան, Նաեւ Սաբեդան ու Յովզաբադը, որոնք Ղեւտացիներուն իշխաններէն էին, Աստուծոյ տանը արտաքին գործին վրայ կը հսկէին։ Ասափին որդիին Զարդիին որդիին Միքային որդին Մաթանիան երգողներուն գլխաւորն էր ու աղօթքներուն օրհնութիւնները նախ անիկա կը սկսէր երգել եւ անոր եղբայրներէն Բակբոկիան՝ երկրորդն էր ու անկէ ետքը Իդիթունին որդիին Գաղաբին որդիին Սամուային որդին Աբդան էր։ Սուրբ քաղաքին մէջ բնակող բոլոր Ղեւտացիները երկու հարիւր ութսունըչորս հոգի էին։ Դռնապանները, Ակկուբն ու Տեղմոնը՝ ու անոնց եղբայրները՝ դռներուն պահապանները, հարիւր եօթանասունըերկու հոգի էին։ Եւ Իսրայէլի քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն մնացորդը, Յուդայի բոլոր քաղաքներուն մէջ, ամէն մարդ իր ժառանգութեանը մէջ էր։ Բայց Նաթանայիմները Ոփաղի մէջ կը բնակէին եւ Սիան ու Գիսփան Նաթանայիմներուն վրայ էին։ Ու Երուսաղէմի մէջ Ղեւտացիներու վերակացուն՝ Միքային որդիին Մաթանիային որդիին Ասաբիային որդիին Բանիին որդին Ոզին էր, Ասափին որդիներէն՝ երգողներէն՝ որոնք Աստուծոյ տանը գործին կը հսկէին. Վասն զի անոնց համար թագաւորը հրաման տուեր էր, որ երգողներուն օրէ օր ռոճիկ տրուի։ Յուդայեան Զարային որդիներէն Մասիզեբէլին որդին Փեթայիան ժողովուրդին ամէն գործի մէջ թագաւորին գործակալն էր։ Ու Յուդայի որդիներէն ոմանք գիւղերու ու արտերու մէջ բնակեցան, այսինքն Կարիաթ-Արբային ու անոր գիւղերուն մէջ, Դեբօնին ու անոր գիւղերուն մէջ, Կաբեսէէլին ու անոր գիւղերուն մէջ Ու Յեսուային ու Մօլադային ու Բեդփաղեթին Եւ Ասերսուաղին ու Բերսաբէէին ու անոր գիւղերուն մէջ Եւ Սիկելակին ու Մեքոնային եւ անոր գիւղերուն մէջ Ու Ենռեմօնին, Սարաային, Յերիմութին, Զանովին, Ոդողոմին ու անոնց գիւղերուն մէջ, Լաքիսին ու անոր արտերուն մէջ, Ազեկային ու անոր գիւղերուն մէջ ու Բերսաբէէէն մինչեւ Ենովմի ձորը բնակեցան։ Բենիամինին որդիներէն ոմանք Գաբայէն մինչեւ Մաքմաս, Այիա ու Բեթէլ ու անոր գիւղերուն մէջ, Անաթովթ, Նոբ, Անանիա, Հասոր, Ռամա, Գեթթայիմ, Հադիդ, Սեբոյիմ, Նեփաղադ, Ղովդ, Ովնով ու Գեքարասիմ բնակեցան ։ Ղեւտացիներէն ոմանք Յուդայի ու Բենիամինի մէջ բաժնուած էին։ Սաղաթիէլեան Զօրաբաբէլին ու Յեսուին հետ ելլող քահանաներն ու Ղեւտացիները ասոնք են՝ Սարայիան, Երեմիան, Եզրասը, Ամարիան, Մալուքը, Քետտուսը, Սեքենիան, Հռէումը, Մերամօթը, Ադդովը, Կանաթօնը, Աբիան, Միամինը, Մովադիան, Բեղդան, Սեմայիան, Յովարիբը, Յեդայիան, Սալլուն, Ամոկը, Քեղկիան, Յեդայիան։ Յեսուին օրերը, ասոնք էին քահանաներուն իշխանները իրենց եղբայրներովը։ Ղեւտացիներէն Յեսուն, Բանուին, Կադմիէլը, Սարաբիան, Յուդան ու Մաթանիան. ասիկա իր եղբայրներուն հետ օրհնութիւններուն վրայ էր Եւ անոնց եղբայրները՝ Բակբոկիան եւ Ուննին, անոնց դէմ իրենց կարգին մէջ կը կենային։ Յեսուն ծնաւ Յովակիմը եւ Յովակիմը ծնաւ Եղիասիբը ու Եղիասիբը ծնաւ Յովիադան Եւ Յովիադան ծնաւ Յովնաթանը ու Յովնաթանը ծնաւ Յադդուան։ Յովակիմին օրերը տոհմապետ քահանաները ասոնք էին՝ Սարայիայէն Մարայիան, Երեմիայէն Անանիան, Եզրասէն Մեսուղամը, Ամարիայէն Յօհանան, Մալուքէն Յովնաթանը, Սաբանիայէն Յովսէփը, Հարիմէն Եդնան, Մարիօթէն Քեղկայը, Ադդովէն Զաքարիան, Կանաթօնէն Մեսուղամը, Աբիայէն Զեքրին, Մինիամինէն, Մովադիայէն Փաղտին, Բեղգայէն Սամուան, Սեմայիայէն Յովնաթանը, Յովարիբէն Մաթանայը, Յեդայիայէն Ոզին, Սալլուէն Կալլայը, Ամոկէն Եբերը, Քեղկիայէն Ասաբիան, Յեդայիայէն Նաթանայէլը։ Եղիասիբին, Յովիադային, Յօհանանին ու Յադդուային օրերը Ղեւտացիները, այսինքն անոնց տոհմապետները, գրուեցան. նաեւ քահանաները՝ մինչեւ Պարսիկներու Դարեհի թագաւորութիւնը։ Ղեւիին որդիներուն տոհմապետները մինչեւ Եղիասիբեան Յօհանին օրերը ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուեցան։ Ղեւտացիներուն իշխաններն էին՝ Ասաբիան, Սարաբիան ու Կադմիէլին որդին Յեսուն եւ անոնց եղբայրները անոնց առջեւ կը կայնէին դաս դասի դէմ, որպէս զի Աստուծոյ մարդուն Դաւիթին հրամայածին պէս օրհնութիւն ու գոհութիւն մատուցանեն։ Մաթանիան, Բակբոկիան, Աբդիան, Մեսուղամը, Տեղմոնն ու Ակկուբը դրան շտեմարաններուն մէջ պահպանութիւն ընող դռնապաններն էին Յովսեդեկեան Յեսուին որդիին Յովակիմին օրերուն մէջ ու Նէեմիա կառավարիչին ու Եզրաս քահանային ու դպիրին օրերուն մէջ։ Երուսաղէմի պարսպին նաւակատիքին ատենը ամէն տեղ փնտռեցին Ղեւտացիները, որպէս զի զանոնք Երուսաղէմ բերեն ու նաւակատիքը ուրախութեամբ, գոհութեամբ, օրհնութիւններով, ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով կատարեն։ Երգողներուն որդիները Երուսաղէմի շրջակայ տեղերէն ու Նետոփաթացիներու գիւղերէն Եւ Գաղգաղայի տունէն՝ ՝ ու Գաբայի ու Ազամօթի դաշտերէն հաւաքուեցան. վասն զի երգողները Երուսաղէմի շուրջը շիներ էին իրենց գիւղերը։ Քահանաներն ու Ղեւտացիները սրբուեցան եւ ժողովուրդը ու դռները եւ պարիսպը սրբեցին։ Յուդայի իշխանները պարսպին վրայ հանեցի ու գոհութիւն երգող երկու մեծ դաս կարգեցի. մէկը պարսպին աջ կողմը դէպի Աղբերու դուռը կ’երթար Եւ անոր ետեւէն Ովսէիան ու Յուդայի իշխաններուն կէսը գացին. Նաեւ Ազարիան, Եզրասը, Մեսուղամը, Յուդան, Բենիամինը, Սեմայիան ու Երեմիան Եւ փողերով, քահանաներուն որդիներէն, Ասափին որդիին Զաքուրին որդիին Միքիային որդիին Մաթանիային որդիին Սեմայիային որդիին Յովնաթանին որդին Զաքարիան Ու անոր եղբայրները՝ Սեմայիան, Ազարիէլը, Միլալայը, Գիլալայը, Մաայը, Նաթանայէլը, Յուդան ու Անանին Աստուծոյ մարդուն Դաւիթին երգերու նուագարաններովը կ’երթային ու անոնց առջեւէն Եզրաս դպիրը։ Իրենց առջեւ եղող Աղբիւրին դուռը եկան ու Դաւիթին քաղաքին աստիճաններէն պարսպին վրայ ելան, Դաւիթին ապարանքէն դէպի արեւէլք մինչեւ Ջուրին դուռը գացին։ Գոհութիւն երգողներուն միւս դասը առջեւէն կ’երթային ու ես՝ ժողովուրդին կիսուն հետ պարսպին վրայ՝ Փուռերուն աշտարակէն մինչեւ լայն պարիսպը Ու Եփրեմին դրանը վրայէն եւ Հին դրանը վրայ ու Ձուկերուն դրանը եւ Անանայէլին աշտարակին ու Մէային աշտարակին վրայ, մինչեւ Ոչխարներուն դուռը անոնց ետեւէն կ’երթայի ու Բանտի դուռը կեցան։ Գոհութիւն երգողներուն երկու դասը Աստուծոյ տանը մէջ կեցան. նոյնպէս ալ ես ու ոստիկաններուն կէսը՝ որոնք ինծի հետ էին. Նաեւ քահանաներէն Եղիակիմը, Մաասիան, Մինիամինը, Միքիան, Եղիովէնային, Զաքարիան ու Անանիան փողերով։ Մաասիան, Սեմայիան, Եղիազարը, Ոզին, Յօհանան, Մեղքիան, Եղամն ու Եզերը։ Այն ատեն երգողները իրենց վերակացուին Յեզերիային հետ ձայներնին վերցուցին։ Այն օրը մեծ զոհեր մատուցանեցին եւ ուրախութիւն ըրին, վասն զի Աստուած մեծ ուրախութիւնով ուրախացուց զանոնք։ Կիները եւ տղաքներն ալ ուրախութիւն ըրին ու Երուսաղէմի ուրախութիւնը մինչեւ հեռու տեղեր լսուեցաւ։ Այն օրը սենեակներուն վրայ գանձերուն, ընծաներուն, երախայրի պտուղներուն ու տասանորդներուն համար մարդիկ որոշուեցան, որպէս զի քաղաքներուն ագարակներէն քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն օրինաւոր բաժինները հաւաքեն, քանզի Յուդա քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն համար ուրախացաւ. Վասն զի անոնք իրենց Աստուծոյն հրամանը ու սրբուելուն հրամանը կը պահէին, նոյնպէս ալ երգողները եւ դռնապանները՝ Դաւիթին ու անոր որդիին Սողոմոնին պատուիրածին համեմատ։ Վասն զի առաջ Դաւիթին ու Ասափին օրերը երգողներու գլխաւորներ կային եւ Աստուած օրհնելու ու գովելու երգեր։ Բոլոր Իսրայէլ Զօրաբաբէլին օրերը եւ Նէեմիային օրերը երգողներուն ու դռնապաններուն օրէ օր ռոճիկ կու տային եւ սուրբ բաները Ղեւտացիներուն կու տային, Ղեւտացիներն ալ Ահարոնին որդիներուն կու տային։ Այն օրը Մովսէսին գրքէն կարդացուեցաւ ու ժողովուրդը լսեց՝ ՝ ու հոն գրուած գտնուեցաւ, որ Ամմոնացիներն ու Մովաբացիները Աստուծոյ ժողովարանին մէջ յաւիտեան պէտք չէ մտնեն. Որովհետեւ անոնք Իսրայէլի որդիները հացով ու ջրով չդիմաւորեցին, հապա Բաղաամը անոնց դէմ վարձքով բռնեցին, որպէս զի զանոնք անիծէ. բայց մեր Աստուածը անէծքը օրհնութեան դարձուց։ Երբ օրէնքին խօսքերը լսեցին, բոլոր օտար մարդիկը Իսրայէլէն զատեցին։ Բայց ասկէ առաջ մեր Աստուծոյն տանը սենեակներուն վերակացուն՝ Եղիասիբ քահանան՝ Տուբիային հետ ազգական եղեր էր։ Անոր մեծ սենեակ մը շիներ էր այն տեղ, ուր առաջ հացի ընծաները, կնդրուկն ու անօթները ու Ղեւտացիներուն, երգողներուն եւ դռնապաններուն համար որոշուած ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները ու քահանաներուն տրուած ընծաները կը դնէին։ Այս բոլոր բաներուն ատենը ես Երուսաղէմ չէի, վասն զի Բաբելոնի Արտաշէս թագաւորին երեսունըերկրորդ տարին թագաւորին գացի։ Ժամանակէ մը յետոյ թագաւորէն հրաման առի Ու Երուսաղէմ գալով Եղիասիբին ըրած չարութիւնը իմացայ, որ Աստուծոյ տանը գաւիթին մէջ Տուբիային համար սենեակ մը շիներ էր։ Եւ շատ նեղուեցայ ու Տուբիային բոլոր կարասիները սենեակէն դուրս նետեցի Եւ հրաման ըրի, որ սենեակները մաքրեն եւ Աստուծոյ տանը անօթներն ու հացի ընծան եւ կնդրուկը նորէն հոն դնեն։ Նաեւ իմացայ թէ Ղեւտացիներուն բաժինները տրուած չէին, վասն զի սպասաւորութիւն ընող Ղեւտացիները ու երգողները ամէնքն ալ իրենց ագարակները փախեր էին։ Անոր համար ոստիկանները յանդիմանեցի ու ըսի. «Աստուծոյ տունը ի՞նչ պատճառով այսպէս թողուած է» եւ Ղեւտացիները հաւաքեցի ու զանոնք իրենց պաշտօններուն մէջ հաստատեցի։ Բոլոր Յուդա ցորենին, գինիին ու իւղին տասանորդները գանձարանները բերին Եւ գանձարաններուն վրայ Սեղեմիա քահանան ու Սադովկ դպիրը ու Ղեւտացիներէն Փադայիան գանձապետ կարգեցի ու Մաթանիային որդիին Զաքուրին որդին Անանը անոնց հետ էր. վասն զի անոնք հաւատարիմ կը սեպուէին ու անոնց գործը իրենց եղբայրներուն բաժին տալ էր։ Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար զիս յիշէ ու քու տանդ մէջ եւ անոր ծառայութեանը մէջ իմ ըրած բարեգործութիւններս մի՛ ջնջեր։ Այն օրերը Հրէաստանի մէջ տեսայ թէ շաբաթ օրը խաղող կը կոխէին ու ցորենի որաներ կը բերէին ու էշերու վրայ բեռ կը բեռցնէին, նաեւ գինի, խաղող, թուզ ու ամէն տեսակ բեռ տեսայ, որոնք շաբաթ օրը Երուսաղէմ կը բերէին ու ես ուտելիք ծախած օրերնին զանոնք յանդիմանեցի՝ ՝։ Եւ հոն բնակող Տիւրացիները ձուկ ու ամէն տեսակ ապրանք կը տանէին եւ շաբաթ օրը Յուդայի որդիներուն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն կը ծախէին։ Յուդային ազնուականները յանդիմանեցի ու անոնց ըսի. «Այս ի՞նչ գէշ բան է որ դուք կ’ընէք ու շաբաթ օրը կը պղծէք։ Ահա ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին ու մեր Աստուածը մեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ այս բոլոր չարիքները բերաւ եւ դուք շաբաթը պղծելով՝ Իսրայէլին վրայ բարկութիւն կ’աւելցնէք»։ Ուստի շաբաթէն առաջ Երուսաղէմի դռներէն արեւը քաշուածին պէս՝ ՝, հրամայեցի որ դռները գոցուին. նաեւ հրամայեցի որ շաբաթը չանցած չբացուին ու դռներուն քով իմ մանչերէս կեցուցի, որպէս զի շաբաթ օրը ներսը բեռ չմտնէ։ Վաճառականներն ու ամէն տեսակ ապրանք ծախողները մէկ երկու անգամ գիշերը Երուսաղէմէն դուրս անցուցին։ Ես զանոնք յանդիմանեցի՝ ըսելով. «Դուք ինչո՞ւ համար պարիսպին քով գիշերը կ’անցընէք. եթէ անգամ մըն ալ այդպէս ընէք, ձեռքս ձեր վրայ կը դնեմ»։ Անկէ յետոյ անգամ մըն ալ շաբաթ օրը չեկան։ Ղեւտացիներուն ըսի, որ զիրենք սրբեն ու շաբաթ օրը սուրբ պահելու համար երթան դռները պահպանութիւն ընեն։ Ո՛վ Աստուած իմ, ասոր համար ալ զիս յիշէ ու քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ինծի ողորմէ։ Այն օրերը Հրեաներ տեսայ, որոնք Ազովտացի, Ամմոնացի ու Մովաբացի կիներ առեր էին Ու անոնց տղաքը Եբրայերէն խօսիլը աղէկ չգիտնալով՝ կէս մը Ազովտացիներու լեզուով կը խօսէին, նմանապէս ուրիշ ազգերու լեզուներով։ Այս պատճառով զանոնք յանդիմանեցի ու զանոնք նզովեցի եւ անոնցմէ մէկ քանին ծեծեցի ու մազերնին փետտեցի եւ Աստուծոյ անունովը անոնց երդում ընել տուի՝ ըսելով. «Ձեր աղջիկները անոնց տղոցը պէտք չէ տաք ու անոնց աղջիկներէն ձեր տղոցը կամ ձեզի պէտք չէ առնէք։ Ասոնց պատճառով չէ՞ր, որ Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը մեղանչեց ու թէպետեւ շատ ազգերու մէջ անոր պէս թագաւոր չկար եւ իր Աստուծոյն սիրելի էր ու Աստուած զանիկա բոլոր Իսրայէլի վրայ թագաւոր դրաւ, սակայն օտարազգի կիները անոր ալ մեղանչել տուին։ Եւ հիմա ձեզ թողո՞ւնք որ այս մեծ չարութիւնը շարունակէք ու օտարազգի կիներ առնելով՝ մեր Աստուծոյն դէմ մեղք գործէք»։ Եւ մեծ քահանային Եղիասիբին որդիին Յովիադային որդիներէն մէկը Որոնացի Սանաբաղատին փեսան էր. անոր համար զանիկա քովէս վռնտեցի։ Ո՛վ Աստուած իմ, զանոնք յիշէ՝ քահանայութիւնը եւ քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն ուխտը պղծելուն համար։ Այսպէս զանոնք բոլոր օտարազգիներէն մաքրեցի ու քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն դասերը հաստատեցի, անոնց ամէն մէկը իր պաշտօնին վրայ դնելով. Նաեւ որոշուած ժամանակներուն բերուելու փայտի ընծային համար ու երախայրի պտուղներուն համար կարգադրութիւն ըրի։ Ո՛վ Աստուած իմ, զիս քաղցրութեամբ յիշէ՛։ Ասուերոս թագաւորը, որ Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա հարիւր քսանըեօթը գաւառի վրայ կը թագաւորէր՝ Իր թագաւորութեան երրորդ տարին՝ Շուշան մայրաքաղաքին մէջ կոչունք մը տուաւ բոլոր իշխաններուն ու ծառաներուն։ Եւ Մարերու ու Պարսիկներու մեծերը, նախարարներն ու գաւառներու իշխանները անոր առջեւ էին։ Այն ատեն շատ օրեր, այսինքն հարիւր ութսուն օր, իր թագաւորութեան փառաւոր հարստութիւնն ու իր մեծութեան պատուական շքեղութիւնը ցուցուց։ Երբ այն օրերը լմնցան, թագաւորը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող բոլոր ժողովուրդին, մեծէն մինչեւ պզտիկին, թագաւորական պալատին պարտէզին գաւիթին մէջ եօթը օր կոչունք տուաւ։ Ճերմակ բեհեզէ, կերպասէ ու կապուտակէ վարագոյրներ ՝ բարակ քթանէ եւ ծիրանեգոյն չուաններով ու արծաթէ օղակներով՝ մարմարիոն սիւներէ կախուած էին եւ պորփիւրէ, ճերմակ մարմարիոնէ, ալապաստրէ ու սեւ մարմարիոնէ յատակի վրայ ոսկիէ ու արծաթէ նստարաններ շարուած էին ։ Խմելիքները ոսկիէ ամաններով ու տեսակ տեսակ ամաններով կու տային։ Թագաւորական գինին առատ էր, ինչպէս թագաւորին կը վայլէր՝ ՝։ Խմելիքը կանոնաւոր էր, բռնադատող չկար. վասն զի թագաւորը այսպէս հրամայեր էր իր տանը բոլոր վերակացուներուն, որ ամէն մէկուն ուզածին պէս ընեն։ Վաշթի թագուհին ալ Ասուերոս թագաւորին պալատին մէջ կիներուն կոչունք տուաւ։ Եօթներորդ օրը, երբ թագաւորին սիրտը գինիէն զուարթացեր էր, իր առջեւ ծառայութիւն ընող եօթը ներքինիներուն՝ Մէհումանին, Բիզթային, Արբոնային, Բիգթային, Աբագթային, Զեթարին ու Քարքասին ըսաւ, Որ Վաշթի թագուհին իր արքայական թագովը թագաւորին առջեւ բերեն, որպէս զի ժողովուրդներն ու իշխանները անոր գեղեցկութիւնը տեսնեն. վասն զի անիկա տեսքով գեղեցիկ էր։ Բայց Վաշթի թագուհին ներքինիներուն միջոցով եղած թագաւորին հրամանին մերժեց հնազանդիլ։ Թագաւորը խիստ սրդողեցաւ ու իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Այն ատեն թագաւորը ժամանակները գիտցող իմաստուններուն ըսաւ (վասն զի թագաւորը ամէն օրէնք ու իրաւունք գիտցողներուն խորհուրդ կը հարցնէր։ Մարերու ու Պարսիկներու եօթը իշխանները, Կարսենան, Սեթարը, Ադմաթան, Թարսիսը, Մերէսը, Մարսենան եւ Մեմուքան, որոնք անոր մօտ էին ու թագաւորին երեսը կը տեսնէին, թագաւորութեան առաջին խորհրդականներն էին). Օրէնքով ի՞նչ պէտք է ընել Վաշթի թագուհիին. քանի որ Ասուերոս թագաւորին ներքինիներուն միջոցով ղրկած հրամանը չկատարեց»։ Այն ատեն Մեմուքան՝ թագաւորին ու իշխաններուն առջեւ ըսաւ. «Վաշթի թագուհին ո՛չ միայն թագաւորին դէմ, հապա բոլոր իշխաններուն դէմ ու Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող բոլոր ժողովուրդներուն դէմ յանցանք գործեց. Վասն զի թագուհիին ըրածը բոլոր կիներուն մէջ տարածուելով, անոնք իրենց այրերը պիտի անարգեն, ըսելով. ‘Ասուերոս թագաւորը հրամայեց, որ Վաշթի թագուհին իր առջեւ գայ, բայց անիկա չեկաւ’։ Եւ այսօր թագուհիին ըրածը լսող Մարերու եւ Պարսիկներու տիկինները թագաւորին բոլոր իշխաններուն այսպէս պիտի ըսեն ու խիստ շատ անարգանք ու հակառակութիւն պիտի ծագի։ Արդ ՝ եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, իր կողմէ հրովարտակ մը հանուի եւ Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքներուն մէջ դրուի, որպէս զի չփոխուի, որ Վաշթի անգամ մըն ալ Ասուերոս թագաւորին առջեւ չգայ ու թագաւորը անոր տիկնութիւնը անկէ աղէկ եղող ուրիշ կնոջ մը տայ։ Ու երբ թագաւորին հրամանը լսուի իր բոլոր թագաւորութեանը մէջ, որ շատ ընդարձակ է, բոլոր կիները, մեծէն մինչեւ պզտիկը իրենց այրերը պիտի պատուեն»։ Այս խօսքը թագաւորին ու իշխաններուն հաճոյ երեւցաւ ու թագաւորը Մեմուքանին ըսածին պէս ըրաւ։ Թագաւորին բոլոր գաւառներուն, ամէն մէկ գաւառին իր գրովը ու ամէն մէկ ժողովուրդին իր լեզուովը նամակներ ղրկեց, որ ամէն մարդ իր տանը մէջ տէր ըլլայ ու իր ժողովուրդին լեզուովը խօսի։ Երբ Ասուերոս թագաւորին բարկութիւնը իջաւ, Վաշթին ու անոր ըրածը ու անոր դէմ եղած վճիռը յիշեց։ Թագաւորին ծառայութիւն ընող սպասաւորները ըսին. «Թագաւորին համար գեղեցիկ կոյս աղջիկներ փնտռենք Ու թագաւորը իր թագաւորութեանը բոլոր գաւառներուն մէջ վերակացուներ թող դնէ, որպէս զի ամենէն գեղեցիկ կոյս աղջիկը ընտրեն ու Շուշան մայրաքաղաքը, կիներու տունը, թագաւորին ներքինիին, կիներու պահապան եղող Հեգէին ձեռքին տակ հաւաքեն ու անոնց մաքրութեանը համար պէտք եղած բաները տրուին։ Թագաւորին աչքին հաճոյ երեւցած աղջիկը Վաշթիին տեղ թագուհի ըլլայ»։ Այս խօսքը թագաւորին հաճելի եղաւ ու այնպէս ըրաւ։ Շուշան մայրաքաղաքին մէջ Հրեայ մարդ մը կար, որուն անունը Մուրթքէ էր, Բենիամինեան Կիսին որդիին Սեմէէին որդիին Յայիրին որդին էր։ Ասիկա Երուսաղէմէն գերի բերուած էր այն գերիներուն հետ, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գերած Յուդայի Յեքոնիա թագաւորին հետ բերուեցան։ Անիկա իր հօրեղբօրը աղջիկը Ադասսան, այսինքն Եսթերը, կը պահէր, վասն զի անիկա հայր ու մայր չունէր։ Այս աղջիկը գեղեցիկ դէմք ու վայելուչ կերպարանք մը ունէր եւ անոր հօրն ու մօրը մեռնելէն ետքը՝ Մուրթքէ զանիկա իբրեւ աղջիկ առեր էր իր քով։ Երբ թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը լսուեցաւ եւ Շուշան մայրաքաղաքին մէջ Հեգէի ձեռքին տակ շատ աղջիկներ հաւաքուեցան, Եսթեր ալ թագաւորին պալատը, կիներու պահապան եղող Հեգէին պահպանութեանը յանձնուեցաւ։ Աղջիկը անոր հաճելի եղաւ ու անոր առջեւ շնորհք գտաւ եւ շուտով անոր մաքրութեան համար պէտք եղած բաներն ու անոր ռոճիկը ու թագաւորին պալատէն անոր տրուելու համար պատրաստուած եօթը աղախինները տուաւ անոր եւ զանիկա իր աղախիններուն հետ կիներու տանը ամենէն աղէկ տեղը փոխադրեց։ Եսթեր իր ազգն ու ծնունդը չյայտնեց. վասն զի Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր, որ չյայտնէ։ Եւ Մուրթքէ ամէն օր կիներու տանը գաւիթին առջեւ կը պտըտէր, որպէս զի Եսթերին առողջութիւնն ու անոր ինչ ըլլալիքը իմանայ։ Երբ ամէն մէկ աղջկան կարգը կու գար Ասուերոս թագաւորին քով երթալու՝ կիներու սովորութեանը պէս տասներկու ամիսը լմննալէն ետքը, (որովհետեւ անոնց մաքրութեան օրերը այս կերպով, այսինքն վեց ամիս զմուռսի իւղով ու վեց ամիս անուշահոտ խունկերով ու կիներու մաքրութեանը վերաբերեալ բաներովը կը լմննար), Աղջիկը թագաւորին քով կու գար. անիկա ինչ որ ուզէր՝ անոր կը տրուէր, որպէս զի իրեն հետ կիներու տունէն թագաւորին պալատը երթայ։ Անիկա իրիկունը կ’երթար ու առաւօտուն կիներուն միւս տունը, հարճերուն պահապանը եղող թագաւորին ներքինիին Սաասգազին ձեռքին տակ կը դառնար։ Անիկա անգամ մըն ալ թագաւորին քով չէր երթար, բայց միայն՝ եթէ թագաւորը անոր հաւնէր ու անիկա անունով կանչուէր։ Թագաւորին քով երթալու կարգը Մուրթքէին հօրեղբօրը Աբիքէլին աղջկանը՝ Եսթերին գալով (զոր Մուրթքէ իրեն աղջիկ ըրեր էր), կիներու պահապանը եղող թագաւորին Հեգէ ներքինիին ըսածէն զատ ուրիշ բան չխնդրեց։ Եսթեր բոլոր զինք տեսնողներուն առջեւ շհորհք գտաւ։ Եսթեր Ասուերոս թագաւորին քով՝ անոր թագաւորական պալատը առնուեցաւ տասներորդ ամիսը, այսինքն Թէբէթ ամսուան մէջ, անոր թագաւորութեանը եօթներորդ տարին։ Թագաւորը Եսթերը բոլոր կիներէն աւելի սիրեց ու անիկա անոր առջեւ բոլոր աղջիկներէն աւելի սէր ու շնորհք գտաւ եւ թագաւորական թագը անոր գլուխը դրաւ ու զանիկա Վաշթիին տեղ թագուհի ըրաւ։ Թագաւորը իր բոլոր իշխաններուն ու ծառաներուն մեծ կոչունք տուաւ, այսինքն Եսթերի կոչունք ու գաւառներուն հանգստութիւն շնորհեց եւ թագաւորի վայել պարգեւներ տուաւ։ Երբ երկրորդ անգամ աղջիկներ հաւաքեցին, Մուրթքէն թագաւորին դուռը կը նստէր։ Եսթեր իր ծնունդն ու իր ազգը յայտնած չէր, ինչպէս Մուրթքէ անոր պատուիրեր էր. վասն զի Մուրթքէին ըսածը կ’ընէր՝ անոր քով մեծցած ատենուան պէս։ Այն օրերը երբ Մուրթքէ թագաւորին դուռը կը նստէր, դրան պահապաններէն Բիգթան ու Թարէս, թագաւորին երկու ներքինիները, սրդողելով, Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել խորհեցան։ Մուրթքէ այս բանը իմանալով՝ Եսթեր թագուհիին յայտնեց ու Եսթեր Մուրթքէին անունովը թագաւորին պատմեց։ Այս բանը քննուելով ճշմարիտ գտնուեցաւ ու անոնց երկուքն ալ ծառէ մը կախուեցան ու թագաւորին ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուեցաւ։ Այս բաներէն ետքը Ասուերոս թագաւորը Ագագացի Ամադաթայի որդին Համանը մեծցուց ու զանիկա բարձրացուց ու անոր աթոռը իրեն հետ եղող բոլոր իշխաններուն վերի կողմը դրաւ։ Եւ թագաւորին դուռը եղող թագաւորին բոլոր ծառաները ծնրադրութեամբ երկրպագութիւն կ’ընէին Համանին, վասն զի թագաւորը անոր համար այսպէս հրամայեր էր. բայց Մուրթքէ ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չէր ըներ։ Թագաւորին դուռը եղող՝ թագաւորին ծառաները Մուրթքէին ըսին. «Ինչո՞ւ համար դուն թագաւորին հրամանէն դուրս կ’ելլես»։ Անոնք ամէն օր անոր կ’ըսէին ու երբ անոնց մտիկ չըրաւ, այն ատեն Համանին իմացուցին, որպէս զի տեսնեն թէ Մուրթքէին բանը ո՞ւր պիտի հասնի՝ ՝. վասն զի անիկա իր Հրեայ ըլլալը անոնց իմացուցեր էր։ Երբ Համան տեսաւ թէ Մուրթքէ իրեն ծնրադրութիւն ու երկրպագութիւն չըներ, խիստ բարկացաւ Ու միայն Մուրթքէին ձեռք զարնելը անոր աչքին անարժէք երեւցաւ, քանի որ Մուրթքէին ազգը անոր իմացուցեր էին. Համան Մուրթքէին ազգը, այսինքն Ասուերոսի բոլոր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ։ Առաջին ամսուան, այսինքն Նիսան ամսուան մէջ Ասուերոս թագաւորին տասնըերկրորդ տարին մինչեւ տասնըերկրորդ ամիսը, այսինքն Ադար ամիսը, օրէ օր ու ամսէ ամիս Համանին առջեւ Փուր, այսինքն վիճակ ձգեցին։ Համան Ասուերոս թագաւորին ըսաւ. «Քու թագաւորութեանդ բոլոր գաւառներուն մէջ՝ ժողովուրդներուն մէջ ցրուած ու տարածուած ազգ մը կայ։ Անոնց օրէնքները բոլոր ժողովուրդներուն օրէնքներէն տարբեր են, որով թագաւորին օրէնքները չեն կատարեր. ուստի չի վայլեր, որ թագաւորը անոնց թոյլտուութիւն ընէ։ Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, հրաման տրուի՝ ՝, որ զանոնք կորսնցնեն։ Ես պաշտօնատարներուն ձեռքը, թագաւորին գանձը բերելու համար, տասը հազար տաղանդ արծաթ կը կշռեմ կու տամ »։ Այն ատեն թագաւորը իր ձեռքէն իր մատանին հանեց ու զանիկա Հրեաներու թշնամիին, Ագագացի Ամադաթայի որդիին Համանին տուաւ։ Թագաւորը Համանին ըսաւ. «Այն արծաթը քեզի կու տամ ու այն ազգն ալ, որպէս զի քու աչքերուդ հաճոյ երեւցածը ընես անոնց»։ Առաջին ամսուան տասներեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան ու թագաւորին նախարարներուն ու բոլոր գաւառներուն վրայ եղող կուսակալներուն ու ամէն գաւառի ամէն մէկ ժողովուրդին իշխաններուն իրենց գրովը ու ամէն ժողովուրդին իր լեզուովը Համանին հրամայածին պէս Ասուերոս թագաւորին անունովը գրուեցաւ ու թագաւորին մատանիովը կնքուեցաւ Եւ սուրհանդակներու ձեռքով թագաւորին բոլոր գաւառները հրովարտակներ ղրկուեցան, որպէս զի մէկ օրուան մէջ, տասնըերկրորդ ամսուն, այսինքն Ադար ամսուն, տասնըերեքերորդ օրը, բոլոր Հրեաները, երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, նաեւ տղաքներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն եւ անոնց ունեցածը իբրեւ աւար յափշտակեն։ Ու հրովարտակին պատուէրը այնպէս էր՝ որ հրամանը ամէն մէկ գաւառի մէջ հրատարակուի ու բոլոր ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի այն օրուան համար պատրաստ գտնուին։ Սուրհանդակները թագաւորին հրամանէն ստիպուելով՝ ճամբայ ելան ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ եւ թագաւորը ու Համան խմելու նստան, սակայն Շուշան քաղաքը շփոթութեան մէջ էր։ Երբ Մուրթքէ բոլոր եղածները իմացաւ, իր հանդերձները պատռեց, քուրձ հագաւ ու վրան մոխիր ցանեց ու քաղաքին հրապարակը ելլելով՝ մեծ ու ողբալի ձայնով աղաղակեց Ու թագաւորին դրանը առջեւ եկաւ կայնեցաւ. վասն զի քուրձ հագած մարդ մը չէր կրնար թագաւորին դռնէն ներս մտնել։ Բոլոր գաւառներուն մէջ, ուր որ թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները մեծ սուգ կ’ընէին, ծոմ կը պահէին, կու լային ու կ’ողբային եւ շատերը քուրձի ու մոխիրի վրայ կը պառկէին։ Եսթերին աղախիններն ու ներքինիները եկան անոր պատմեցին։ Թագուհին մեծապէս խռովեցաւ ու հանդերձներ ղրկեց, որ Մուրթքէին հագցնեն ու անոր վրայէն քուրձը հանեն. բայց անիկա չընդունեց։ Եսթեր Հաթաքը կանչեց, որ թագաւորին ներքինիներէն մէկն էր (զոր թագաւորը անոր սպասաւոր տուեր էր) ու անոր հրամայեց, որ Մուրթքէէն հասկնայ թէ այս ի՛նչ պիտի ըլլայ ու ինչո՛ւ համար է։ Հաթաք Մուրթքէին գնաց, որ թագաւորին դրանը առջեւի հրապարակին մէջ էր։ Մուրթքէ բոլոր իրեն պատահած բաները անոր յայտնեց, նաեւ Համանին սակարկութիւնը՝ որով թագաւորին գանձէն արծաթ տալ խոստացեր էր Հրեաներուն համար, որպէս զի զանոնք կորսնցնէ։ Զանոնք կորսնցնելու համար Շուշանի մէջ հրատարակուած հրովարտակէն օրինակ մը անոր տուաւ, որպէս զի Եսթերին ցուցնէ ու հասկցնէ եւ անոր պատուիրէ որ թագաւորին քով երթայ եւ անոր աղաչէ ու անոր առջեւ իր ազգին համար ազատում խնդրէ։ Հաթաք գնաց ու Մուրթքէին խօսքերը Եսթերին պատմեց։ Եսթեր Հաթաքին հետ խօսեցաւ ու հրամայեց, որ Մուրթքէին այսպէս պատասխան տանի. «Թագաւորին բոլոր ծառաները ու թագաւորին գաւառներուն ժողովուրդները աղէկ գիտեն, որ այր կամ կին մարդ մը եթէ չկանչուած՝ թագաւորին ներքին գաւիթը մտնէ, զանիկա մեռցնելու համար օրէնք մը կայ։ Անիկա միայն կ’ապրի, որուն որ թագաւորը իր ոսկի գաւազանը երկնցնէ։ Հիմա երեսուն օր է, որ ես թագաւորին քով մտնելու կանչուած չեմ»։ Եսթերին խօսքերը Մուրթքէին յայտնեցին։ Մուրթքէ ըսաւ, որ Եսթերին այսպէս պատասխան տանին. «Դուն մի՛ կարծեր թէ թագաւորին տունը ըլլալովդ՝ բոլոր Հրեաներէն միայն դուն պիտի ազատիս։ Վասն զի այս ժամանակին մէջ եթէ դուն լռես, Հրեաներուն ուրիշ տեղէ մը օգնութիւն ու ազատում պիտի գայ, բայց դուն ու քու հօրդ տունը պիտի կորսուիք եւ ո՞վ գիտէ, թերեւս դուն այսպիսի ատենուան մը համար թագուհի եղար»։ Ու Եսթեր ըսաւ, որ Մուրթքէին այսպէս պատասխան տանին. «Գնա՛, Շուշանին մէջ եղող բոլոր Հրեաները հաւաքէ՛ ու ինծի համար ծոմ պահեցէք, գիշեր ցորեկ երեք օր մի՛ ուտէք ու մի՛ խմէք. նոյնպէս ալ ես իմ աղախիններովս ծոմ կը պահեմ ու այնպէս թագաւորին առջեւ կ’ելլեմ, թէպէտեւ օրէնքի դէմ է ու եթէ մեռնիմ՝ թող մեռնիմ»։ Այն ատեն Մուրթքէ գնաց ու ըրաւ այն ամէնը, որ Եսթեր իրեն պատուիրեր էր։ Երրորդ օրը Եսթեր իր թագաւորական զգեստները հագաւ ու թագաւորին տանը ներքին գաւիթին մէջ՝ թագաւորին տանը առջեւ կեցաւ։ Թագաւորը թագաւորական պալատին մէջ՝ պալատին դրանը առջեւ իր թագաւորական աթոռին վրայ նստեր էր։ Երբ թագաւորը Եսթեր թագուհին տեսաւ, որ գաւիթին մէջ կը կենար, Եսթեր շնորհք գտաւ անոր առջեւ եւ թագաւորը իր ձեռքը եղած ոսկի գաւազանը Եսթերին երկնցուց։ Եսթեր մօտեցաւ ու գաւազանին ծայրին դպաւ։ Թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, քեզի ի՞նչ եղաւ ու ուզածդ ի՞նչ է, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը քեզի պիտի տրուի»։ Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը հաճի, այսօր թագաւորը Համանին հետ իրեն ըրած կոչունքիս թող գայ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Շուտով Համանը կանչեցէք, որպէս զի Եսթերին ըսածը կատարէ»։ Թագաւորը Համանին հետ Եսթերին ըրած կոչունքին գնաց։ Երբ գինի կը խմէին, թագաւորը Եսթերին ըսաւ. «Ի՞նչ է քու խնդիրքդ. ըսէ ՛ ու քեզի պիտի շնորհուի, ի՞նչ է քու աղաչանքդ. մինչեւ թագաւորութեանս կէսը պիտի տրուի»։ Եսթեր պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իմ աղաչանքս ու խնդիրքս այս է։ Եթէ թագաւորին առջեւ շնորհք գտայ ու եթէ թագաւորը կը հաճի իմ խնդիրքս շնորհել ու իմ աղաչանքս կատարել, թող թագաւորն ու Համան նորէն իրենց համար ընելու կոչունքիս գան ու վաղը թագաւորին խօսքին պէս ընեմ»։ Համան այն օրը զուարթ եւ ուրախ սրտով դուրս ելաւ. բայց երբ Համան թագաւորին դրանը մէջ Մուրթքէն տեսաւ, որ ոտքի չէր ելլեր ու իր տեղէն չէր շարժեր, Համանին սիրտը շատ նեղացաւ Մուրթքէին համար, Բայց Համան ինքզինք զսպելով իր տունը գնաց ու մարդ ղրկեց իր բարեկամներն ու կինը՝ Զերէսը՝ կանչել տուաւ։ Համան պատմեց անոնց իր հարստութեանը փառքը ու իր որդիներուն շատութիւնը եւ այն ամէն բաները, որոնցմով թագաւորը զինք մեծցուցեր էր եւ թէ ի՛նչպէս իշխաններէն ու թագաւորին ծառաներէն աւելի բարձրացուցեր էր։ Համան ըսաւ. «Նաեւ Եսթեր թագուհին թագաւորին հետ ինծմէ զատ մէ՛կը չհրաւիրեց իր պատրաստած կոչունքին ու վաղուան համար ալ զիս թագաւորին հետ հրաւիրեց։ Բայց այս ամենէն բնաւ գոհ չեմ, քանի որ Հրեայ Մուրթքէն թագաւորին դուռը նստած կը տեսնեմ»։ Անոր կինը Զերէս ու անոր բոլոր բարեկամները անոր ըսին. «Յիսուն կանգուն բարձրութեամբ փայտ մը թող շինուի ու վաղը առտու թագաւորին ըսէ, որ Մուրթքէն անոր վրայ կախուի եւ դուն թագաւորին հետ ուրախ սրտով կոչունքին գնա»։ Այս խօսքը Համանին հաճոյ երեւցաւ ու փայտը պատրաստեց։ Այն գիշերը թագաւորին քունը փախաւ ու հրամայեց, որ դիպուածները պատմող յիշատակներու գիրքը բերեն ու թագաւորին առջեւ կարդան։ Ու հոն գրուած գտնուեցաւ թէ Մուրթքէ՝ դրանը պահպանութիւն ընող՝ թագաւորին երկու ներքինիներուն, Բիգթանին ու Թարէսին, համար իմացուցեր էր, թէ անոնք Ասուերոս թագաւորին վրայ ձեռք երկնցնել ուզեր էին։ Թագաւորը ըսաւ. «Ասոր փոխարէն ի՞նչ պատիւ կամ մեծութիւն տրուեցաւ Մուրթքէին»։ Ու թագաւորին ծառայութիւն ընող պատանիները ըսին. «Անոր բան մը չեղաւ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Գաւիթը ո՞վ կայ» (ու Համան թագաւորին պալատին դուրսի գաւիթը եկեր էր թագաւորին խօսելու, որ Մուրթքէն կախէ այն փայտին վրայ, որ ինք անոր համար պատրաստեր էր)։ Թագաւորին պատանիները անոր ըսին. «Ահա Համան գաւիթը կը սպասէ»։ Թագաւորը ըսաւ. «Թող ներս գայ»։ Երբ Համան ներս մտաւ, թագաւորը անոր ըսաւ. «Ի՞նչ ընել պէտք է այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ»։ Համան իր սրտին մէջ ըսաւ. «Թագաւորը ինծմէ զատ ուրիշ որո՞ւ պատիւ ընել պիտի ուզէ»։ Համան ըսաւ թագաւորին. «Այն մարդուն համար, որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ, Թագաւորին հագած թագաւորական զգեստն ու թագաւորին հեծած ձին ու անոր գլուխը դրուած թագաւորական թագը թող բերեն. Զգեստն ու ձին թագաւորին խիստ պատուաւոր իշխաններէն մէկուն ձեռքը թող տրուի ու հագցնեն այն մարդուն՝ որուն թագաւորը պատիւ ընել կ’ուզէ ու ձիուն վրայ հեծցնեն եւ քաղաքին փողոցին մէջէն անցնեն ու առջեւէն կանչեն ու ըսեն ՝ ‘Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ’»։ Այն ատեն թագաւորը Համանին ըսաւ. «Շուտով ըսածիդ պէս զգեստն ու ձին առ ու թագաւորին դուռը նստող Հրեայ Մուրթքէին ըսածիդ պէս ըրէ. քու ըսածէդ բնաւ բան մը պակաս չըլլայ»։ Համան զգեստն ու ձին առաւ ու զգեստը Մուրթքէին հագցնելով՝ զանիկա ձիուն վրայ հեծցուց եւ քաղաքին փողոցէն անցուց ու առջեւէն կը կանչէր՝ «Այսպէս պիտի ըլլայ այն մարդուն, որուն թագաւորը պատիւ տալ կ’ուզէ»։ Եւ Մուրթքէ թագաւորին դուռը դարձաւ. բայց Համան տրտում ու գլուխը ծածկած՝ շուտով իր տունը քաշուեցաւ։ Համան իր կնոջ Զերէսին ու բոլոր բարեկամներուն պատմեց ամէն ինչ որ իր գլխուն եկած էր։ Անոր իմաստուններն ու անոր կինը Զերէս անոր ըսին. «Եթէ Մուրթքէ (որուն առջեւ դուն իյնալու սկսար) Հրեաներու ազգէն է, դուն անոր պիտի չյաղթես, հապա անոր առջեւ անշուշտ պիտի իյնաս»։ Երբ անոնք տակաւին անոր հետ կը խօսէին, թագաւորին ներքինիները հասան, որպէս զի Համանը շուտով Եսթերին պատրաստած կոչունքին տանին։ Թագաւորը Համանին հետ Եսթեր թագուհիին քով կոչունքի գնաց։ Թագաւորը երկրորդ օրն ալ գինի խմելու ատեն Եսթերին ըսաւ. «Ո՛վ Եսթեր թագուհի, ի՞նչ է քու խնդիրքդ. ըսէ՛ ու քեզի պիտի շնորհուի եւ ի՞նչ է քու աղաչանքդ. մինչեւ թագաւորութեանս կէսը պիտի տրուի»։ Եսթեր թագուհին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ո՛վ թագաւոր ու եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ, խնդիրքովս իմ հոգիս ու աղաչանքովս իմ ազգս ինծի տրուի. Վասն զի թէ՛ ես եւ թէ՛ իմ ազգս կոտորուելու, մեռնելու ու բնաջինջ ըլլալու ծախուեցանք ու եթէ ծառայ ու աղախին ըլլալու ծախուէինք, բան մը չէի խօսեր. թէպէտեւ թշնամին թագաւորին քաշած վնասը չէր կրնար հատուցանել»։ Ասուերոս թագաւորը խօսեցաւ ու Եսթեր թագուհիին ըսաւ. «Ո՞վ է անիկա եւ ո՞ւր է անիկա, որ այս բանը ընելու համարձակեցաւ»։ Եսթեր ըսաւ. «Հակառակորդն ու թշնամին այս չար Համանն է»։ Ու Համան թագաւորին ու թագուհիին երեսէն խիստ վախցաւ։ Թագաւորը գինի խմելէն բարկութեամբ ելաւ, պալատին պարտէզը գնաց. բայց Համան հոն մնաց, որպէս զի իր անձին համար Եսթեր թագուհիին աղաչէ. վասն զի տեսաւ, որ իր վրայ չարիքը հասած է թագաւորէն։ Թագաւորը երբ պալատին պարտէզէն կոչունքին սենեակը դարձաւ, Համան Եսթերին եղած բազմոցին վրայ ինկած էր ու թագաւորը ըսաւ. «Միթէ իմ տանս մէջ իմ քովս թագուհի՞ն ալ պիտի բռնաբարէ»։ Այս խօսքը թագաւորին բերնէն ելածին պէս Համանին երեսը ծածկեցին։ Այն ատեն Արբոնա, ներքինիներէն մէկը, թագաւորին առջեւ ըսաւ. «Ահա այն յիսուն կանգուն բարձր փայտը, որ Համան թագաւորին բարերարութիւն ընող Մուրթքէին համար պատրաստեց, Համանի տանը մէջ կը կենայ»։ Ու թագաւորը ըսաւ. «Զանիկա անոր վրայ կախեցէ՛ք»։ Եւ Համանը Մուրթքէին համար պատրաստած փայտին վրայ կախեցին։ Այն ատեն թագաւորին բարկութիւնը իջաւ։ Այն օրը Ասուերոս թագաւորը Հրեաներու թշնամիին Համանին տունը Եսթեր թագուհիին պարգեւեց ու Մուրթքէն թագաւորին առջեւ եկաւ, վասն զի Եսթեր թագաւորին յայտներ էր թէ անիկա իրեն ի՛նչ ազգական էր։ Եւ թագաւորը առաւ իր մատանին, որ Համանէն հաներ էր ու զանիկա Մուրթքէին տուաւ ու Եսթեր Համանին տանը վրայ դրաւ Մուրթքէն։ Եսթեր նորէն թագաւորին առջեւ խօսեցաւ ու անոր ոտքերը ինկաւ եւ լալով անոր աղաչեց որ Ագագացի Համանին չարութիւնը ու Հրեաներուն դէմ պատրաստած ծրագիրը խափանէ։ Թագաւորը ոսկի գաւազանը Եսթերին երկնցուց ու Եսթեր ելաւ ու թագաւորին առջեւ կայնեցաւ Ու ըսաւ. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ ու ես քու առջեւդ շնորհք գտայ ու եթէ այս բանը թագաւորին առջեւ ուղիղ կ’երեւնայ ու ես քու աչքերուդ հաճոյ եմ, թող գրուի որ Ագագացի Ամադաթային որդիին Համանին ծրագիրը, այսինքն թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող Հրեաները կորսնցնելու համար անոր գրած հրովարտակները, խափանուին։ Վասն զի իմ ժողովուրդիս վրայ գալու չարիքը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել. իմ ազգականներուս կորուստը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել»։ Ասուերոս թագաւորը Եսթեր թագուհիին ու Հրեայ Մուրթքէին ըսաւ. «Ահա Համանին տունը Եսթերին պարգեւեցի ու զանիկա փայտի վրայ կախեցին՝ Հրեաներուն վրայ ձեռք երկնցնելուն համար։ Եւ դուք Հրեաներուն համար ձեզի հաճոյ երեւցածը թագաւորին անունովը գրեցէք ու թագաւորին մատանիովը կնքեցէ՛ք. վասն զի թագաւորին անունովը գրուած ու թագաւորին մատանիովը կնքուած հրովարտակը չի խափանուիր»։ Այն ատեն երրորդ ամսուան, այսինքն Սիվան ամսուան, քսանըերեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան ու Հրեաներուն ու Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա եղող գաւառներուն, հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն, նախարարներուն եւ կուսակալներուն ու իշխաններուն, ամէն գաւառին իր գրովը ու ամէն ազգին իր լեզուովը ու Հրեաներուն իրենց գրովը ու լեզուովը գրուեցաւ՝ Մուրթքէին բոլոր հրամայածին պէս։ Ասուերոս թագաւորին անունովը գրեց ու թագաւորին մատանիովը կնքեց եւ ձիերու, նժոյգներու ու մատակ ձիերու, ջորիներու վրայ հեծած սուրհանդակներով հրովարտակներ ղրկեց, Որոնցմով թագաւորը բոլոր քաղաքներու Հրեաներուն հրաման տուաւ որ հաւաքուին ու իրենց կեանքը պաշտպանեն եւ իրենց վրայ յարձակող ազգին ու գաւառին բոլոր մարդիկը, տղաքներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն եւ անոնց ունեցածը յափշտակեն։ Մէկ օրուան մէջ՝ Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ, տասնըերկրորդ ամսուան, այսինքն Ադար ամսուան, տասնըերեքերորդ օրը ։ Հրովարտակին պատուէրը այս էր, որ հրամանը ամէն մէկ գաւառին մէջ հրատարակուի ու բոլոր ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի Հրեաները նոյն օրը իրենց թշնամիներէն վրէժ առնելու պատրաստ ըլլան։ Սուրհանդակները նժոյգներու ու ջորիներու վրայ հեծան ու թագաւորին հրամանէն ստիպուելով՝ արտորացին ճամբայ ելլելու ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ։ Մուրթքէն ելաւ թագաւորին առջեւէն՝ կապուտակէ ու ճերմակ բեհեզէ թագաւորական զգեստով եւ ոսկիէ մեծ թագով ու բեհեզեղէն ու ծիրանի պատմուճանով եւ Շուշան քաղաքը ուրախացաւ ու ցնծութիւն ըրաւ։ Հրեաները լոյս, ուրախութիւն, ցնծութիւն ու պատիւ ունեցան։ Բոլոր գաւառներուն մէջ ու բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ ուր թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները ուրախութիւն ու ցնծութիւն ունեցան եւ կոչունքի ու տօնախմբութեան օր ըրին ու երկրին ժողովուրդներէն շատերը Հրեայ եղան, վասն զի անոնց վրայ Հրեաներուն վախը ինկաւ։ Տասնըերկրորդ ամսուան, այսինքն Ադար ամսուան, տասնըերեքերորդ օրը թագաւորին խօսքին ու հրամանին կատարուելու ժամանակը հասնելով՝ մինչ Հրեաներուն թշնամիները կը յուսային անոնց վրայ տիրել, ներհակը պատահեցաւ. վասն զի Հրեաները իրենց թշնամիներուն վրայ տիրեցին։ Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ Հրեաները իրենց քաղաքներուն մէջ հաւաքուեցան, որպէս զի իրենց չարիք ուզողներուն վրայ ձեռք երկնցնեն ու ամենեւին մէկը չկրցաւ անոնց դէմ կենալ, վասն զի անոնց վախը բոլոր ժողովուրդներուն վրայ ինկեր էր։ Գաւառներուն բոլոր իշխաններն ու նախարարները եւ կուսակալներն ու թագաւորին գործակալները Հրեաներուն ձեռնտու էին. վասն զի անոնց վրայ Մուրթքէին վախը ինկեր էր։ Քանզի Մուրթքէ թագաւորին պալատին մէջ մեծ էր ու անոր համբաւը բոլոր գաւառները տարածուեր էր. վասն զի Մուրթքէ երթալով կը մեծնար։ Հրեաները իրենց բոլոր թշնամիները սրով մեռցուցին ու խիստ մեծ կոտորած ըրին ու զիրենք ատողներուն իրենց ուզածին պէս ըրին։ Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ մեռցուցին. Նաեւ Փարսանդաթանը, Դաղփոնը, Ասփաթան, Փորաթանը, Ադալիան, Արիդաթան, Փարմասթան, Արիսային, Արիդային ու Վայեզաթան, Հրեաներու թշնամիին, Ամադաթայի որդիին Համանին, տասը տղաքները մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։ Այն օրը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ մեռցուածներուն հաշիւը թագաւորին առջեւ եկաւ։ Թագաւորը Եսթեր թագուհիին ըսաւ. «Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ ու Համանին տասը տղաքը մեռցնելով կորսնցուցին. թագաւորին միւս գաւառներուն մէջ ինչե՜ր ըրած պիտի ըլլան. հիմա ի՞նչ է խնդիրքդ. պիտի տրուի քեզի. ալ ի՞նչ աղաչանք ունիս. պիտի կատարուի»։ Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը կը հաճի, Շուշանի մէջ եղող Հրեաներուն հրաման տրուի, որ վաղն ալ այս օրուան հրովարտակին համեմատ ընեն ու Համանի տասը տղաքը փայտի վրայ կախուին»։ Թագաւորը ըսաւ, որ այնպէս ըլլայ ու Շուշանի մէջ հրամանը հրատարակուեցաւ ու Համանին տասը տղաքը կախուեցան։ Շուշանի մէջ եղող Հրեաները Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրն ալ հաւաքուեցան ու Շուշանի մէջ երեք հարիւր մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։ Եւ թագաւորին գաւառներուն մէջ եղող միւս Հրեաները հաւաքուեցան ու իրենց կեանքը պաշտպանեցին եւ իրենց թշնամիներէն հանգստացան ու զիրենք ատողներէն եօթանասունըհինգ հազար մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։ Ասիկա Ադար ամսուան տասնըերեքերորդ օրը եղաւ եւ անոր տասնըչորրորդ օրը հանգստացան ու զանիկա կոչունքի եւ ուրախութեան օր ըրին։ Իսկ Շուշանի մէջ եղող Հրեաները այն ամսուան տասնըերեքերորդ օրը ու տասնըչորրորդ օրը հաւաքուեցան ու տասնըհինգերորդ օրը հանգստացան ու զանիկա կոչունքի եւ ուրախութեան օր ըրին։ Այս պատճառով գիւղացի Հրեաները անպարիսպ գիւղաքաղաքներու մէջ բնակողները, Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրը ուրախութեան, կոչունքի ու տօնախմբութեան օր կ’ընեն ու այն օրը ամէն մարդ իր բարեկամին ընծաներ կը ղրկէ։ Մուրթքէ այս բաները գրեց ու Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ մօտ ու հեռու եղող բոլոր Հրեաներուն թուղթեր ղրկեց, Պատուիրելով անոնց, որ ամէն տարի Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրը ու անոր տասնըհինգերորդ օրը տօն կատարեն (Քանի որ այդ օրերուն Հրեաները իրենց թշնամիներէն հանգստացան եւ այդ ամսուն անոնց տրտմութիւնը՝ ուրախութեան ու անոնց սուգը ցնծութեան փոխուեցաւ), զանոնք կոչունքի եւ ուրախութեան օրեր ընեն, որոնց մէջ ամէն մարդ իր բարեկամին՝ ընծաներ ու աղքատներուն պարգեւներ ղրկեն։ Հրեաները խոստացան իրենց սկսածին ու Մուրթքէին իրենց գրածին պէս ընել։ Վասն զի բոլոր Հրեաներուն թշնամին Ագագացի Ամադաթայի որդին Համան Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ ու զանոնք բնաջինջ ընելու եւ կորսնցնելու համար Փուր, այսինքն վիճակ ձգեց։ Բայց երբ Եսթերը թագաւորին առջեւ գնաց, թագաւորը հրովարտակով հրամայեց, որ Հրեաներուն դէմ Համանի ըրած չար ծրագիրը իրեն գլուխը դառնայ եւ զանիկա ու անոր տղաքը փայտի վրայ կախեն։ Ասոր համար այն օրերը Փուր անունէն Փուրիմ ըսուեցան եւ այս պատճառով այս թուղթին խօսքերուն համար, անոնց տեսած ու անոնց պատահած բաներուն համար Հրեաները որոշեցին ու իրենց եւ իրենց սերունդին ու բոլոր իրենց միացողներուն օրէնք դրին, որ ամէն տարի այն երկու օրը, իրենց տրուած թելադրանքներուն համաձայն, անպատճառ տօն պահեն։ Այս օրերը ամէն դարու մէջ, ամէն ազգատոհմի մէջ, ամէն գաւառի մէջ ու ամէն քաղաքի մէջ թող յիշուին ու պահուին եւ այս Փուրիմի օրերը Հրեաներէն յիշուին ու անոնց յիշատակը իրենց սերունդէն չվերնայ։ Աբիքէլի աղջիկը Եսթեր թագուհին ու Հրեայ Մուրթքէն Փուրիմը հաստատելու համար այս երկրորդ նամակը կատարեալ իշխանութեամբ գրեցին. Ասուերոսի թագաւորութեան հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն՝ խաղաղութեան ու հաւատարմութեան խօսքերով թուղթեր ղրկեցին, Որ այս Փուրիմի օրերը իրենց որոշ ժամանակին մէջ հաստատեն, ինչպէս Հրեայ Մուրթքէն ու Եսթեր թագուհին անոնց պատուիրեցին ու ինչպէս Հրեաները իրենց համար ու իրենց սերունդին համար ծոմապահութեան ու իրենց աղաղակին վերաբերեալ բաները հաստատեցին։ Այսպէս Եսթերի հրամանը այս Փուրիմին պահպանութիւնը հաստատեց ու գրքին մէջ գրուեցաւ։ Ասուերոս թագաւորը ցամաք երկիրներու վրայ ու ծովու կղզիներուն վրայ տուրք դրաւ։ Անոր քաջութեանը բոլոր գործերը ու զօրութիւնը եւ Մուրթքէի մեծութեանը փառքը, որով թագաւորը զանիկա մեծցուց, ահա Մարերու եւ Պարսիկներու թագաւորներուն ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուած են։ Վասն զի Հրեայ Մուրթքէն Ասուերոս թագաւորին երկրորդն էր ու Հրեաներուն մէջ՝ մեծ ու իր եղբայրներուն հաճոյ էր. իր ազգին աղէկութիւնը կը փնտռէր եւ իր բոլոր սերունդին խաղաղութեանը վերաբերեալ բաներ կը խօսէր։ Հուս երկրին մէջ Յոբ անունով մարդ մը կար։ Այն մարդը կատարեալ ու արդար եւ աստուածավախ էր ու չարութենէ ետ կը քաշուէր։ Անոր եօթը տղայ ու երեք աղջիկ ծնան։ Անոր ստացուածքը եօթը հազար ոչխար ու երեք հազար ուխտ եւ հինգ հարիւր զոյգ եզ ու հինգ հարիւր մատակ էշ էր ու խիստ շատ ծառաներ ունէր ։ Այն մարդը բոլոր արեւելքցիներէն մեծ էր։ Անոր տղաքը կ’երթային ու ամէն մէկը իր օրը տուներնին հացկերոյթ կ’ընէին եւ մարդ ղրկելով երեք քոյրերնին կը հրաւիրէին, որպէս զի իրենց հետ ուտեն ու խմեն։ Երբ հացկերոյթին օրերը կը լմննային, Յոբ կանչել կու տար՝ ՝ զանոնք ու կը սրբէր եւ առտուն կ’ելլէր՝ անոնց ամենուն թուովը ողջակէզներ կը մատուցանէր. որովհետեւ կ’ըսէր Յոբ. «Կարելի է տղաքս մեղք գործեցին ու սրտերնուն մէջ Աստուծոյ հայհոյեցին»։ Միշտ այսպէս կ’ընէր Յոբ։ Արդ՝ օր մը՝ Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ կայնելու։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ։ Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Ու սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր վրայ պտըտելէն»։ Տէրը ըսաւ Սատանային. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։ Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ։ Չէ՞ որ դուն անոր ու անոր տանը եւ անոր ամէն ունեցածներուն շուրջը ցանկով պատեցիր, անոր ձեռքերուն գործերը օրհնեցիր ու անոր ստացուածքը երկրի վրայ շատցաւ։ Հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ամէն ունեցածին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ահա անոր ամէն ունեցածը քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ իրեն վրայ ձեռք չերկնցնես»։ Այն ժամանակ Սատանան Տէրոջը առջեւէն գնաց։ Օր մը Յոբին տղաքն ու աղջիկները իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին։ Պատգամաբեր մը եկաւ Յոբին ու ըսաւ. «Երբ եզները կը հերկէին ու մատակ էշերը անոնց քով կ’արածուէին, Սեբայեցիները յարձակեցան ու զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ. որպէս զի քեզի պատմեմ»։ Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Երկնքէն Աստուծոյ կրակը իջաւ ու հօտերը եւ ծառաները այրեց ու զանոնք սպառեց եւ միայն ես ազատեցայ եւ եկայ որ քեզի պատմեմ»։ Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիները երեք գունդի բաժնուած՝ ուղտերուն վրայ յարձակեցան եւ զանոնք առին ու ծառաները սուրի բերնէ անցուցին։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։ Երբ անիկա տակաւին կը խօսէր, ուրիշ մէկն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Երբ տղաքդ ու աղջիկներդ իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին, Ահա անապատէն մեծ հով մը եկաւ ու այնպէս զարկաւ տանը, որ անոնց վրայ փլաւ ու անոնք մեռան։ Միայն ե՛ս ազատեցայ ու եկայ, որպէս զի քեզի պատմեմ»։ Այն ատեն Յոբ ելաւ, իր պատմուճանը պատռեց եւ գլխուն մազերը կտրեց ու գետինը իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ Ու ըսաւ. «Մօրս արգանդէն մերկ ելայ ու հոն մերկ պիտի դառնամ։ Տէրը տուաւ ու Տէրը առաւ, օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը»։ Այս ամենուն մէջ Յոբ չմեղանչեց ու Աստուծոյ դէմ անզգամութիւն չըրաւ։ Ուրիշ օր մը Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ։ Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր մէջ պտըտելէն»։ Տէրը Սատանային ըսաւ. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ։ Անիկա տակաւին իր կատարելութեանը մէջ հաստատ է, թէեւ դուն ուզեցիր զիս համոզել, որ անիկա զուր տեղը կորսնցնեմ»։ Սատանան պատասխան տուաւ ու Տէրոջը ըսաւ. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ։ Բայց հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։ Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ահա զանիկա քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ անոր կեանքը պահէ»։ Սատանան գնաց Տէրոջը առջեւէն ու Յոբը՝ ոտքին թաթէն մինչեւ գագաթը՝ գէշ պալարներով զարկաւ։ Անիկա խեցիի կտոր մը առաւ, որպէս զի անով քերուի ու մոխիրի մէջ նստաւ։ Անոր կինը ըսաւ անոր. «Դուն տակաւին քու կատարելութեանդ մէջ հաստատ կը կենա՞ս. Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։ Յոբ ըսաւ անոր. «Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք»։ Այս ամենուն մէջ Յոբ իր շրթունքներովը չմեղանչեց։ Յոբին երեք բարեկամները, Եղիփազ Թեմանացին, Բաղդատ Սօքեցին ու Սոփար Նաամացին, երբ լսեցին անոր գլխուն եկած բոլոր փորձութիւնները, ամէն մէկը իր տեղէն ելլելով եկան ու մէկտեղ հաւաքուեցան, որպէս զի երթան ցաւակից ըլլան անոր ու զանիկա մխիթարեն։ Հեռուէն աչքերնին վերցնելով տեսան, բայց չճանչցան զանիկա եւ ձայներնին վերցուցին ու լացին։ Ամէն մէկը իր պատմուճանը պատռելով՝ դէպի երկինք իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանեցին։ Անոր հետ եօթը օր ու եօթը գիշեր գետնի վրայ նստան։ Մէ՛կը անոր խօսք մը չըսաւ, քանզի տեսան որ անոր ցաւը խիստ սաստիկ էր։ Յոբ իր բերանը բացաւ ու իր օրը անիծեց։ Յոբ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Կորսուի այն օրը, որուն մէջ ես ծնայ, Այն գիշերը, որուն մէջ ըսին թէ ‘Արու զաւակ մը ծնաւ’։ Այն օրը խաւար ըլլայ Ու Աստուած չփնտռէ զանիկա վերէն Ու երբեք լոյս չծագի անոր վրայ։ Խաւարն ու մահուան շուքը իրենց սեփականացնեն զանիկա, Ամպը ծածկէ զանիկա, Օրուան մթութիւնը վախցնէ զանիկա։ Այն գիշերը մառախուղը պաշարէ. Անիկա տարուան օրերուն հետ չմիաւորուի՝ ՝ Ու ամիսներուն մէջ չհամրուի։ Ահա այն գիշերը թող ամայի մնայ Ու անոր մէջ ուրախութեան ձայն չմտնէ։ Օրը անիծողները թող անիծեն զանիկա, Որոնք պատրաստ են վիշապը արթնցնելու։ Անոր գիշերուան աստղերը աղօտանան. Լոյսին սպասէ ու չունենայ. Արշալոյսին ճառագայթները չտեսնէ. Վասն զի մօրս արգանդին դռները չգոցեց Ու տառապանքը աչքերէս չծածկեց։ Ինչո՞ւ համար մօրս արգանդին մէջ չմեռայ Ու որովայնէն ելածիս պէս չկորսուեցայ։ Ինչո՞ւ ծունկերը ընդունեցին զիս Ու ինչո՞ւ ստինք տուին ինծի, որ ես ծծեմ։ Վասն զի հիմա պառկած կը հանգչէի ու կը քնանայի. Այն ժամանակ հանգստացած կ’ըլլայի՝ Իրենց համար աւերակներ շինող Երկրի թագաւորներուն ու խորհրդականներուն հետ, Կամ ոսկի ունեցող իշխաններուն հետ, Որոնք տուներնին արծաթով կը լեցնէին. Կամ թէ գաղտուկ վիժածի մը պէս կ’ոչնչանայի, Այն երախաներուն պէս՝ որոնք երբեք լոյս չտեսան։ Հոն չարերը մարդ տանջելէն կը դադարին Եւ հոն ուժէ ինկածները կը հանգստանան։ Նմանապէս բանտարկեալները հոն կը հանգչին Ու ա՛լ չեն լսեր հարկապահանջին ձայնը։ Պզտիկն ու մեծը հոն են, Ծառան իր տիրոջմէն ազատ է։ Ինչո՞ւ համար թշուառութեան մէջ եղողին՝ լոյս Ու դառնահոգիներուն կեանք տրուի, Որոնք մահուան կը սպասեն ու անիկա չի գար Ու պահուած գանձերէն աւելի զանիկա կը փնտռեն. Գերեզմանը գտած ժամանակնին Խիստ ուրախ կ’ըլլան ու կը ցնծան։ Ինչո՞ւ կեանք կը տրուի այնպիսի մարդու մը, որուն ճամբան գոցուած է Ու Աստուած շրջապատած է զանիկա ամէն կողմէն։ Որովհետեւ կերակուր ուտելէս առաջ իմ հեծութիւնս կու գայ Ու իմ աղաղակներս ջուրերու պէս կը հոսին։ Վասն զի ի՛նչ բանէ որ շատ կը վախնայի, ան ինծի հանդիպեցաւ Եւ ի՛նչ բանէ որ երկիւղ ունէի, ա՛ն ինծի հասաւ։ Ո՛չ խաղաղութիւն ունիմ, ո՛չ հանգստութիւն Եւ ո՛չ հանդարտութիւն. բայց թշուառութիւնը իմ վրաս կու գայ»։ Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Պիտի վշտանա՞ս արդեօք՝ եթէ սկսինք քեզի խօսիլ։ Բայց ո՞վ կրնայ զինք զսպել, որ չխօսի։ Ահա դուն շատերուն խրատ տուիր Ու տկար ձեռքերը զօրացուցիր։ Քու խօսքերդ սահելու վրայ եղողը հաստատեցին Ու դուն տկարացած ծունկերը կազդուրեցիր. Բայց հիմա այս փորձանքը քեզի պատահեցաւ ու դժուարացար. Քեզի դպաւ ու բոլորովին շփոթեցար։ Միթէ աստուածապաշտութիւնը քու յոյսդ չէ՞ Ու ճամբաներուդ ուղղութիւնը՝ քու ակնկալութիւնդ։ Աղէ՜, մի՛տքդ բեր. ո՞ր անմեղը կորսուեցաւ Եւ ո՞ւր արդարները բնաջինջ եղան։ Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները Եւ անիրաւութիւն ցանողները նոյնը կը հնձեն։ Աստուծոյ շունչէն կը կորսուին Ու անոր ռնգունքին արտաշնչումէն բնաջինջ կ’ըլլան։ Անիկա կը խափանէ առիւծին մռնչիւնը եւ մռնչող առիւծին ձայնը Ու կորիւններուն ակռաները կը կոտրտուին։ Առիւծը առանց որսի կը կորսուի Ու մատակ առիւծին կորիւնները կը ցրուին։ Ինծի գաղտուկ կերպով խօսք մը ըսուեցաւ Ու անոր շշունջը ականջս հասաւ։ Գիշերուան տեսիլքներուն արհաւիրքը Քունի մէջ թմրած մարդուն վրայ կ’իջնէ։ Վրաս այնպիսի վախ մը ու դող մը եկաւ, Որ բոլոր ոսկորներս ցնցեց։ Առջեւէս ոգի մը անցաւ Ու մարմնիս մազերը փուշ փուշ եղան։ Անիկա կայնեցաւ, բայց ես չկրցայ զանազանել անոր կերպարանքը. Աչքերուս առջեւ երեւոյթ մը կար։ Լռութիւն եղաւ ու ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Միթէ մարդը Աստուծոյ առջեւ արդար կրնա՞յ ըլլալ, Մարդը Արարիչէն աւելի մաքուր կրնա՞յ ըլլալ»։ Ահա անիկա իր ծառաներուն չի հաւատար։ Իր հրեշտակներուն վրայ պակասութիւն կը գտնէ։ Ալ ո՞ւր կը մնան անոնք, որ կաւեղէն տուներու մէջ կը բնակին, Որոնց հիմը փոշիին մէջ է եւ որոնք ցեցէն առաջ կը ճզմուին։ Անոնք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը ճնշուին Ու առանց մէկուն իմանալուն կը կորսուին յաւիտեան։ Ահա անոնց վրայ եղած փառաւորութիւնը կը վերցուի։ Անոնք կը մեռնին առանց իմաստուն ըլլալու»։ «Հիմա աղաղակէ՛։ Քեզի պատասխան տուող մը կա՞յ արդեօք Ու սուրբերէն որո՞ւն պիտի դարձնես քու երեսդ։ Ստոյգ է, որ բարկութիւնը յիմարը կը սպաննէ Ու նախանձը անմիտը կը մեռցնէ։ Ես յիմարին արմատանալը տեսայ, Բայց շուտով անոր բնակութիւնը անիծեցի։ Անոր որդիները ապահովութենէ հեռու են. Անոնք դրանը մէջ կը կոխկռտուին Եւ ազատող մը չի գտնուիր։ Անօթի եղողը կ’ուտէ անոր հունձքը Ու զանիկա փուշերու մէջէն կը յափշտակէ Ու աւարառուն կը կլլէ անոնց ստացուածքը։ Թէեւ չարիքը հողէն չ’ելլեր Ու թշուառութիւնը գետնէն չի բուսնիր. Բայց մարդը թշուառութեան համար կը ծնանի, Ինչպէս կրակի կայծերը՝ ՝ վեր կը թռչին։ Իսկ ես Աստուծոյ պիտի դիմէի, Իմ գործս Աստուծոյ պիտի յանձնէի, Որ այնպիսի մեծ ու անքննելի բաներ կ’ընէ, Անհամար սքանչելիքներ կ’ընէ, որոնք կարելի չէ համրել։ Անիկա երկրի վրայ անձրեւ կու տայ Ու դաշտերուն վրայ ջուրեր կը ղրկէ։ Նաեւ ցածերը կը բարձրացնէ Ու սգաւորները ապահովութեան կը հասցնէ։ Անիկա խորամանկներուն խորհուրդները կը ցրուէ, Որպէս զի ձեռքերնին կարող չըլլան իրենց գործերը գլուխ հանել։ Իմաստունները իրենց խորամանկութեանը մէջ կը բռնէ Ու նենգաւորներուն խորհուրդը շուտով կը խափանէ։ Ցորեկը մութի կը բռնուին Ու կէսօրին գիշերուան պէս խարխափելով կը քալեն ։ Բայց աղքատը սուրէն, անոնց բերնէն Ու հզօրին ձեռքէն կ’ազատէ։ Այսպէս աղքատը յոյս կ’ունենայ, Իսկ անօրէնը իր բերանը կը գոցէ։ Ահա երանելի է այն մարդը, որ Աստուած կը խրատէ։ Ուրեմն Ամենակարողին յանդիմանութիւնը մի՛ անարգեր. Վասն զի ինք կը վիրաւորէ ու կը փաթթէ. Կը զարնէ ու իր ձեռքերը կը բժշկեն։ Վեց նեղութիւններէ քեզ պիտի ազատէ Ու եօթներորդին՝ քեզի չարիք պիտի չդպչի։ Սովի ժամանակ քեզ մահուանէ պիտի ազատէ Ու պատերազմին մէջ՝ սուրին ձեռքէն Լեզուի խարազանէն ապահով պիտի ըլլաս, Երբ կործանումը գայ անկէ պիտի չվախնաս. Կործանումին ու սովին վրայ պիտի ծիծաղիս Ու երկրի գազաններէն պիտի չվախնաս։ Քանզի դաշտի քարերուն հետ դաշինք պիտի կնքես Ու դաշտի գազանները քեզի հետ խաղաղութեամբ պիտի վարուին։ Ու պիտի գիտնաս թէ վրանիդ մէջ յաջողութիւն կայ Եւ քու բնակարանէդ բա՛ն մը պակաս պիտի չգտնես՝ ՝։ Եւ պիտի գիտնաս թէ քու զաւակներդ շատուոր են Ու քու սերունդդ երկրի խոտերուն պէս պիտի ըլլան։ Աղէկ մը ծերացած՝ գերեզմանը պիտի մտնես, Ցորենի խուրձերուն պէս՝ որոնք ժամանակին կը դիզուին։ Ահա մենք այս բանը քննեցինք։ Շիտակ է. Մտիկ ըրէ՛ անոր ու քու օգտիդ համար ճանչցիր զանիկա»։ Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Երանի՜ թէ իմ տրտմութիւնս աղէկ կշռուէր Ու իմ թշուառութիւնս մէկտեղ կշիռքի մէջ դրուէր։ Քանզի հիմա անիկա ծովուն աւազէն ծանր կ’ըլլայ. Անոր համար իմ խօսքերս կը հատնին։ Որովհետեւ Ամենակարողին նետերը իմ ներսիդիս են, Որոնց թոյնը իմ հոգիս կը ծծէ։ Աստուծոյ արհաւիրքները ինծի դէմ պատերազմելու շարուած են։ Միթէ վայրենի էշը խոտին քով կը զռնչէ՞. Կամ եզը իր մսուրին քով կը բառաչէ՞. Անհամ բանը առանց աղի կ’ուտուի՞. Հաւկիթին ճերմկուցին մէջ համ կա՞յ արդեօք։ Այն բաները, որոնց սիրտս չէր ուզեր դպչիլ, Իմ զազրելի կերակուրս եղան։ Երանի՜ թէ ուզածս կատարուէր Ու տար Աստուած այն բանը, որուն կը սպասէի, Այսինքն Աստուած զիս ճնշել ուզէր Ու ձեռքը երկնցնելով զիս կործանէր։ Բայց տակաւին մխիթարութիւն պիտի ունենամ Եւ անողորմ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ, Քանզի ես Սուրբին խօսքերը չուրացայ։ Ոյժս ի՞նչ է որ դիմանամ Ու վախճանս ի՞նչ է, որ կեանքս երկնցնեմ։ Միթէ իմ ոյժս քարերո՞ւ ոյժ է, Կամ թէ մարմինս պղնձեղէ՞ն է։ Չէ՞ որ օգնութենէ զուրկ եմ Ու ձեռնտուութիւնը հեռացած է ինծմէ։ Ան որ բարեկամի մը օգնութիւնը կը հեռացնէ, Ամենակարողին վախը կը մերժէ։ Իմ եղբայրներս հեղեղներու պէս խաբեցին զիս, Ձորերու հեղեղատներու պէս՝ որոնք կ’անցնին. Որոնք սառէն պղտորած են, Երբ անոնց մէջ ձիւնը կը ծածկուի՝ ՝. Տաքը տեսածնուն պէս կը հալին, Խիստ տաք ատեն իրենց տեղէն աներեւոյթ կ’ըլլան։ Կարաւանները իրենց ճամբան կը դարձնեն, Բայց դատարկ ելլելով՝ կը կորսուին. Թեմայի կարաւանները նայեցան, Սաբայի ճամբորդները անոնց յուսացին. Երբ կը յուսային՝ ամչցան, Երթալու ատեն կարմրեցան։ Արդարեւ ինծի անօգուտ եղաք, Թշուառութիւն տեսաք ու սոսկացիք։ Ես ձեզի ըսի՞՝ «Ինծի բերէք Ու ձեր ստացուածքէն ընծայ տուէք ինծի։ Կամ՝ զիս թշնամիին ձեռքէն ազատեցէք Ու բռնաւորներուն ձեռքէն զիս փրկեցէք»։ Սորվեցուցէք ինծի, որ լուռ կենամ Ու հասկցուցէք ինծի, թէ ի՞նչ բանի մէջ սխալեր եմ։ Ուղիղ խօսքերը որչա՜փ զօրաւոր են. Բայց ձեր յանդիմանութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։ Ձեր կշտամբող խօսքերը զիս չեն կրնար լռեցնել Եւ ոչ ալ ձեր խօսքերուն պիտի անսամ։ Մանաւանդ որբին համար որոգայթ կը լարէք Ու ձեր բարեկամին համար հոր կը փորէք։ Հիմա հաճեցէք ինծի նայիլ։ Սուտ կը խօսի՞մ ձեր առջեւ։ Դարձէ՛ք, կ’աղաչեմ, որ անիրաւութիւն չըլլայ։ Այո՛, դարձէ՛ք, քանզի ասով իմ արդարութիւնս կը յայտնուի ։ Միթէ իմ լեզուիս վրայ անիրաւութիւն կա՞յ. Միթէ իմ քիմքս չար բաները չի՞ կրնար զանազանել»։ «Միթէ մարդս երկրի վրայ պատերազմի ասպարէզ չունի՞ Եւ անոր օրերը վարձկանի մը օրերուն պէս չե՞ն ։ Ինչպէս ծառան իրիկուան շուքին կը փափաքի Ու վարձկանը իր վարձքին կ’սպասէ, Այնպէս ունայնութեան ամիսներ բաժին տրուած են Ու թշուառութեան գիշերներ ինծի համար որոշուած են։ Պառկած ատենս կ’ըսեմ. ‘Ե՞րբ պիտի ելլեմ Ու գիշերը ե՞րբ պիտի անցնի’։ Մինչեւ արշալոյս անհանգստութեամբ լեցուած եմ։ Մարմինս որդերով ու հողի կոշտերով ծածկուած է։ Մորթս կը ճեղքուի ու կը հալի։ Օրերս ոստայնանկին կկոցէն արագ կ’անցնին Ու կը սպառին առանց յոյսի։ Յիշէ՛ թէ կեանքս հովի պէս է. Աչքս ասկէ յետոյ բարիք պիտի չտեսնէ։ Զիս տեսնողին աչքերը նորէն զիս պիտի չտեսնեն։ Քու աչքերդ իմ վրաս կը նային ու ես բնաջինջ կ’ըլլամ։ Ինչպէս ամպը կը ցրուի կ’երթայ, Այնպէս գերեզմանը իջնողը պիտի չելլէ. Անիկա ա՛լ իր տունը պիտի չդառնայ Ու իր բնակարանը ա՛լ զանիկա պիտի չճանչնայ։ Ուստի ես իմ բերանս պիտի չզսպեմ. Հոգիիս նեղութիւնովը պիտի խօսիմ, Սրտիս դառնութիւնովը պիտի գանգատիմ։ Միթէ ես ծո՞վ եմ, կամ կէ՞տ, Որ իմ վրաս պահապաններ կը դնես։ Երբ ես կ’ըսեմ՝ ‘Անկողինս զիս պիտի մխիթարէ Ու մահիճս իմ գանգատներս պիտի պակսեցնէ’, Զիս երազներով կը վախցնես Ու ցնորքներով կը զարհուրեցնես։ Ուստի աւելի կ’ընտրեմ խեղդուիլ ու մեռնիլը, Քան թէ իմ ոսկորներուս պահպանուիլը ։ Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ։ Ինծմէ ե՛տ կեցիր, վասն զի իմ օրերս ունայնութիւն են։ Մարդը ո՞վ է, որ դուն զանիկա մեծ բան մը կը համարես Ու անոր հոգ կը տանիս։ Ամէն առտու զանիկա կը դիտես, Ամէն վայրկեան կը փորձես։ Մինչեւ ե՞րբ ինծմէ ետ պիտի չկենաս. Թուքս կլլելու չա՞փ ալ թող չես տար։ Եթէ մեղանչեմ, քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ մարդիկը Քննող. Ինչո՞ւ համար զիս քու նշանակէտդ ըրիր ու ես ինծի բեռ եղայ։ Եւ ինչո՞ւ մեղքս չես ներեր Ու իմ անօրէնութիւնս չես վերցներ։ Հիմա հողին մէջ պիտի պառկիմ Ու առաւօտուն եթէ զիս փնտռես՝ պիտի չգտնուիմ»։ Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց. «Մինչեւ ե՞րբ այդպէս պիտի խօսիս Ու բերնիդ խօսքերը սաստիկ հովի պէս պիտի ըլլան։ Միթէ Աստուած դատաստանը կը խափանէ՞։ Եթէ քու տղաքդ անոր դէմ մեղանչեր են, Ան ալ իրենց յանցանքին մատնած է զանոնք, Եթէ դուն առտուները կանուխ Աստուած կը փնտռես Ու Ամենակարողէն շնորհք կը խնդրես, Եթէ դուն մաքուր ու շիտակ ըլլաս, Անշուշտ անիկա քեզի համար պիտի արթննայ Ու քու արդարութեանդ բնակարանին յաջողութիւն պիտի տայ։ Թէեւ քու սկիզբդ փոքր ըլլայ, բայց քու վերջդ խիստ պիտի մեծնայ։ Հիմա հարցուր հին ազգերուն Ու անոնց հայրերը քննելու ուշադրութիւն ըրէ՛ (Վասն զի մենք երէկուաններն ենք ու բան մը չենք գիտեր. Քանզի մեր կեանքը երկրի վրայ ստուեր մըն է)։ Ահա անոնք քեզի պիտի սորվեցնեն, քեզի պիտի խօսին Ու իրենց սրտէն խօսքեր պիտի հանեն։ Միթէ պրտուն առանց տիղմի կը բուսնի՞. Կնիւնը առանց ջուրի կ’աճի՞։ Անիկա դեռ իր դալար վիճակին մէջ ու չկտրտուած Ամէն խոտէ առաջ կը չորնայ։ Այսպէս պիտի ըլլայ բոլոր անոնց ճամբան, որոնք Աստուած կը մոռնան Ու կեղծաւորին յոյսը պիտի կորսուի. Վասն զի անոր յոյսը պիտի կտրուի Ու անոր վստահութիւնը սարդի ոստայնին պէս պիտի ըլլայ։ Անիկա իր տանը պիտի կռթնի, Բայց ան հաստատութիւն պիտի չունենայ. Իր ձեռքովը զանիկա պիտի բռնէ Բայց ան կանգնած պիտի չմնայ։ Արեւը չծագած՝ ՝ դալար է Ու անոր ճիւղերը իր եղած պարտէզէն վեր կ’ելլեն։ Անոր արմատները քարակոյտին կը փաթթուին, Ինք քարերուն մէջ կ’ապրի։ Եթէ մէկը զանիկա իր տեղէն խլէ, Տեղը պիտի ուրանայ զանիկա՝ ըսելով թէ ՝ ‘Ես քեզ չտեսայ’։ Ահա անոր ճամբուն ուրախութիւնը այս է Ու հողէն ուրիշներ պիտի ելլեն։ Ահա Աստուած արդար մարդը չի մերժեր, Ո՛չ ալ չարերուն ձեռնտու կ’ըլլայ, Մինչեւ որ քու բերանդ ծիծաղով լեցնէ Ու շրթունքներդ ուրախութեան ձայնով։ Քեզ ատողները ամօթով պիտի ծածկուին Ու ամբարիշտներուն վրանը բնաջինջ պիտի ըլլայ»։ Յոբ պատասխանեց. «Իրաւցընէ այնպէս ըլլալը գիտեմ Ու մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։ Եթէ անոր հետ վիճաբանիլ ուզէ, Հազարէն մէկը չի կրնար անոր պատասխան տալ։ Անիկա սրտով իմաստուն եւ ուժով կարող է. Ո՞վ անոր դէմ իր սիրտը խստացուցեր ու յաջողութիւն գտեր է։ Անիկա լեռները կը տեղափոխէ ու անոնք չեն գիտնար։ Իր բարկութիւնովը զանոնք կը տապալէ։ Երկիրը իր տեղէն կը շարժէ Ու անոր սիւները կը դողան։ Արեւին հրաման կ’ընէ ու անիկա չի ծագիր Ու աստղերը կը կնքէ։ Ինք մինակը երկինքը կը տարածէ Ու ծովուն ալիքներուն վրայ կը քալէ։ Անիկա ըրաւ Արջը, Հայկն ու Բազմաստեղը Ու հարաւի շտեմարանները։ Անիկա Անքննելի մեծագործուներ Ու անթիւ սքանչելիքներ կ’ընէ։ Ահա անիկա քովէս կ’անցնի ու ես չեմ տեսներ։ Յառաջ կ’անցնի ու չեմ իմանար։ Եթէ յափշտակէ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել։ Ո՞վ կարող է ըսել անոր՝ ‘Ի՞նչ կ’ընես’։ Աստուած իր բարկութիւնը ետ չի դարձներ Ու հպարտ օգնականները անոր տակ կը խոնարհին։ Ո՞ւր մնաց որ ես անոր պատասխան տամ Ու անոր դէմ վիճելու համար խօսքեր ընտրեմ։ Թէեւ արդար ալ ըլլամ, պատասխան պիտի չտամ. Իմ դատաւորէս շնորհք պիտի խնդրեմ։ Եթէ ես զանիկա կանչէի ու ինծի պատասխան ալ տար, Պիտի չհաւատայի թէ անիկա իմ ձայնս լսած է։ Որովհետեւ փոթորիկով զիս ճնշեց Ու առանց պատճառի իմ վէրքերս աւելցուց։ Զիս չի թողուր որ շունչ առնեմ, Հապա դառնութեամբ զիս կը լեցնէ։ Եթէ զօրութիւն փնտռուի, ահա անիկա զօրաւոր է, Իսկ՝ եթէ արդարութիւն՝ ո՞վ զիս ատեանը պիտի կանչէ՝ ՝։ Եթէ անձս արդարացնեմ, իմ բերանս զիս կը դատապարտէ. Եթէ զիս անմեղադրելի երեւցնեմ, զիս յանցաւոր կը հանէ։ Եթէ զիս կատարեալ երեւցնեմ, իմ անձս չեմ ճանչնար, Իմ կեանքս կ’արհամարհեմ։ Ամէնը մէկ է. անոր համար ըսի թէ Անիկա արդարն ու ամբարիշտը մէկտեղ բնաջինջ կ’ընէ։ Եթէ հարուածը յանկարծ մեռցնէ, Անիկա անմեղին պատահած փորձութեանը վրայ կը ծիծաղի։ Երկիրը ամբարշտին ձեռքը տրուեցաւ։ Աստուած անոր դատաւորներուն երեսը կը ծածկէ։ Եթէ ոչ՝ ո՞վ է անիկա։ Արդ՝ իմ օրերս սուրհանդակէն արագ են, Փախան առանց բարութիւն տեսնելու։ Արագագնաց նաւերու պէս՝ Որսի վրայ յարձակող արծիւի պէս կ’անցնին։ Եթէ ըսեմ՝ ‘Գանգատս մոռնամ, Տրտմութիւնս ձգեմ ու զուարթ ըլլամ’, Բոլոր թշուառութիւններէս կը վախնամ. Գիտեմ թէ զիս անմեղ պիտի չհամարես Ու ամբարիշտ պիտի սեպուիմ։ Ինչո՞ւ համար զուր տեղը աշխատիմ։ Եթէ ձիւնի ջրով լուացուիմ Ու ձեռքերս մաքրութիւնով սրբեմ, Այն ժամանակ զիս փոսը կ’ընկղմես Ու հանդերձս պիտի զզուի ինծմէ, Վասն զի ինծի պէս մարդ չէ, որ անոր պատասխան տամ Ու մէկտեղ դատաստանի երթանք։ Միջնորդ դատաւոր մը չկայ մեր մէջ, Որ կարենայ իր ձեռքը մեր երկուքին վրայ դնել։ Թող իր գաւազանը վրայէս վերցնէ Ու անոր երկիւղը ա՛լ զիս չզարհուրեցնէ, Այն ատեն պիտի խօսիմ ու անկէ պիտի չվախնամ. Բայց եղած վիճակիս մէջ ես իմ անձիս տէրը չեմ»։ «Հոգիս կեանքէս ձանձրացաւ։ Համարձակ պիտի գանգատիմ, Հոգիիս դառնութիւնովը պիտի խօսիմ. Պիտի ըսեմ Աստուծոյ. «Մի՛ դատապարտեր զիս, Յայտնէ ինծի թէ ի՛նչ բանի համար ինծի հետ կը վիճիս. Քեզի աղէ՞կ կ’երեւնայ որ զիս կը հարստահարես Ու քու ձեռքերուդ գործը կ’արհամարհես Եւ ամբարիշտներուն խորհուրդին լոյս կու տաս։ Միթէ դուն մարմնաւո՞ր աչքեր ունիս. Մարդուն տեսածի՞ն պէս կը տեսնես։ Միթէ քու օրերդ մարդուն օրերուն պէ՞ս են, Քու տարիներդ մարդուն տարիներուն չա՞փ են, Որ դուն իմ յանցանքներս կը փնտռես Ու մեղքս կը քննես։ Գիտես որ յանցաւոր չեմ, Բայց չկայ մէկը, որ քու ձեռքէդ ազատէ զիս ։ Քու ձեռքերդ զիս ստեղծեցին Ու իմ բոլոր անդամներս՝ ՝ կազմեցին Ու զիս բնաջի՞նջ կ’ընես։ Կ’աղաչե՛մ, յիշէ թէ զիս կաւի պէս շինեցիր Ու հիմա զիս հո՞ղ պիտի դարձնես։ Չէ՞ որ զիս կաթի պէս թափեցիր Ու պանիրի պէս թանձրացուցիր։ Զիս մորթով ու մսով հագուեցուցիր Ու զիս ոսկորներով ու ջիղերով հինեցիր. Ինծի կեանք եւ ողորմութիւն շնորհեցիր Եւ քու խնամքդ իմ հոգիս պահեց։ Ասոնք սրտիդ մէջ պահեցիր։ Գիտեմ թէ ասոնք միտքդ են։ Եթէ մեղք գործեմ, դուն զիս կը դիտես Ու իմ անօրէնութենէս անմեղ չես համարեր զիս։ Եթէ ամբարշտութիւն ընեմ, վա՜յ է ինծի Ու արդար ալ ըլլամ, գլուխս չեմ կրնար վերցնել. Անարգանքով լեցուած եմ։ Հիմա իմ թշուառութեանս նայէ, Որ աւելնալու վրայ է՝ ՝։ Առիւծի պէս զիս կ’որսաս Եւ միշտ իմ վրաս յաղթող կ’ըլլաս. Ինծի դէմ վկաներդ կը նորոգես Ու քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս կը շատցնես։ Փոփոխութիւններ ու պատերազմ կը բերես վրաս։ Ուրեմն ինչո՞ւ համար զիս արգանդէն հանեցիր։ Երանի՜ թէ հոն մեռնէի ու աչք չտեսնէր զիս, Որ չեղածի պէս ըլլայի Ու մօրս արգանդէն գերեզմանը տարուէի։ Իմ օրերս սակաւաթիւ չե՞ն։ Ե՛տ կեցիր ինծմէ ու թողուր, որ քիչ մը հանգչիմ Այն տեղը երթալէս առաջ՝ ուրկէ ետ պիտի չդառնամ։ Մութ երկիրը ու մահուան շուքը, Այն խիստ մութ երկիրը, մահուան շուքին խաւարը, Ուրտեղ կարգ չկայ ու լոյսը խաւարի պէս է»։ Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց. «Միթէ շատ խօսքերուն պատասխան պիտի չտրուի՞ Ու լեզուանի մարդը կրնա՞յ խօսքով արդարանալ։ Քու պարապ խօսքերդ մարդիկը պիտի լռեցնե՞ն, Երբ դուն ծաղր ընես, պիտի չըլլա՞յ մէկը որ քեզ ամչցնէ։ Վասն զի դուն ըսիր թէ ‘Իմ խօսքս մաքուր է Ու քու աչքիդ առջեւ անարատ եմ’։ Սակայն երանի՜ թէ Աստուած խօսէր Ու քեզի դէմ իր շրթունքը բանար Ու քեզի յայտնէր իմաստութեան գաղտնիքը, Որ մարդուս իմացածին կրկինն է։ Հիմա գիտցիր թէ Աստուած Քու անօրէնութեանդ մէկ մասը անտես կ’ընէ՝ ՝։ Աստուծոյ գաղտնիքը կրնա՞ս հասկնալ, Ամենակարողը կատարելապէս կրնա՞ս իմանալ։ Անիկա երկնքին պէս բարձր է. ի՞նչ կրնաս ընել. Դժոխքէն խորունկ է. ի՞նչ կրնաս գիտնալ։ Անոր չափը՝ երկրէն երկայն Ու ծովէն լայն է։ Եթէ անիկա յարձակի ու գոցէ կամ հաւաքէ, Ո՞վ անոր արգելք պիտի ըլլայ, Քանզի ինք ունայն մարդիկը կը ճանչնայ Ու անօրէնութիւնը տեսնելով՝ ուշադրութիւն պիտի չընէ՞։ Բայց անմիտ մարդը մեծամիտ է Ու կնոջմէ ծնած մարդը վայրենի իշու ձագի պէս է։ Եթէ դուն սիրտդ շտկես Ու ձեռքերդ անոր երկնցնես, Եթէ քու ձեռքդ անօրէնութիւն կայ, զանիկա քեզմէ հեռացուր Ու մի՛ թողուր, որ վրաններուդ մէջ անզգամութիւն բնակի։ Այն ատեն անշուշտ կրնաս պարզերես մնալ, Հաստատ կ’ըլլաս ու բանէ մը չես վախնար։ Քու թշուառութիւնդ պիտի մոռնաս, Անցած ջուրերու պէս պիտի յիշես զանիկա ։ Ու կեանքդ կէսօրուան լոյսէն պայծառ պիտի ըլլայ. Թէեւ խաւարի մէջ ըլլաս, առտուան պէս պիտի երեւիս Եւ ապահով պիտի ըլլաս, վասն զի յոյս կայ քեզի ։ Պիտի պաշտպանուիս ու ապահովութեամբ պիտի հանգստանաս։ Եւ պիտի պառկիս ու վախցնող պիտի չըլլայ Ու շատերը քեզ պիտի փնտռեն։ Բայց ամբարիշտներուն աչքերը պիտի նուաղին Ու անոնց ապաստանարան պիտի չգտնուի Ու յոյսերնին հոգեվարքի մէջ պիտի ըլլայ»։ Յոբ պատասխանեց. «Արդարեւ ժողովուրդը դուք էք Ու իմաստութիւնը ձեզի հետ պիտի մեռնի։ Ես ալ ձեզի պէս խելք ունիմ, ես ձեզմէ նուաստ չեմ Ու այսպիսի բաներ ո՞վ չի գիտեր՝ ՝։ Իր բարեկամէն ծաղրուող մարդ մըն եմ ես. Բայց ով որ Աստուծոյ աղաղակէ, Աստուծմէ պատասխան պիտի առնէ։ Արդար ու կատարեալ մարդը ծաղր կ’ըլլայ։ Ոտքը սահելու վրայ եղողը, հանգիստ կեանք վարողին կարծիքին համաձայն՝ Անպիտան ջահ մըն է։ Գողերուն վրանները յաջողութեան մէջ են Ու Աստուած բարկացնողները ապահով են, Անոնց ձեռքը Աստուած առատութեամբ կը լեցնէ։ Բայց, աղէ՜, անասուններուն հարցուր, որպէս զի քեզի սորվեցնեն Ու երկնքի թռչուններուն՝ որպէս զի քեզի իմացնեն, Կամ թէ երկրին ըսէ ու անիկա քեզի պիտի սորվեցնէ. Ծովուն ձուկերը անգամ քեզի պիտի պատմեն։ Ասոր հետ մէկտեղ ո՞վ չի գիտեր, Թէ ասիկա ընողը Տէրոջը ձեռքն է, Որ ամէն ապրողի անձը Ու բոլոր մարդկային մարմնի հոգին իր ձեռքն ունի։ Միթէ ականջը խօսքերը չ’ո՞րոշեր, Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։ Իմաստութիւնը ծերերուն քովն է Ու հանճարը՝ օրերուն շատութեանը մէջ։ Անոր քով է իմաստութիւնն ու զօրութիւնը։ Հանճարն ու իմաստութիւնը Անորն են։ Ահա Ան կը փլցնէ ու ա՛լ չի շինուիր։ Եթէ մէկուն վրայ գոցէ, ա՛լ չի բացուիր։ Ահա Անիկա ջուրերը կ’արգիլէ ու կը չորնան։ Ու զանոնք թող կու տայ ու երկիրը տակն ու վրայ կ’ընեն։ Զօրութիւնն ու հանճարը անոր հետ են։ Խաբուողն ու խաբողը անորն են։ Խորհրդականները կողոպտուած կը պտըտցնէ Ու դատաւորները կը յիմարացնէ։ Թագաւորներուն իշխանութիւնը կը քակէ Ու մէջքերնին չուան կը կապէ։ Նախարարները կողոպտուած կը պտըտցնէ Ու զօրաւորները կը կործանէ։ Հաւատարիմներուն շրթունքը կը պապանձեցնէ Ու ծերերուն խելքը կ’առնէ։ Ազնուականներուն վրայ անարգութիւն կը թափէ Ու հզօրներուն գօտին կը թուլցնէ։ Խորունկ բաները խաւարէն հանելով կը յայտնէ Ու մահուան ստուերը կը լուսաւորէ։ Ազգերը կը շատցնէ ու զանոնք կը կորսնցնէ. Ազգերը ասդին անդին կը տարածէ ու անոնց կ’առաջնորդէ։ Երկրի ժողովուրդներուն առաջնորդներուն խելքը կ’առնէ Ու ճամբայ չունեցող անապատներու մէջ կը մոլորեցնէ զանոնք։ Անոնք առանց լոյսի մութին մէջ խարխափելով կ’երթան Ու գինովներու պէս կը մոլորին»։ «Ահա այս ամէնը իմ աչքս տեսաւ, Ականջս լսեց ու իմացաւ։ Ձեր գիտցածը ես ալ գիտեմ։ Ես ձեզմէ նուաստ չեմ։ Բայց ես Ամենակարողին խօսքը լսել Ու իմ իրաւունքներս Աստուծոյ ներկայացնել կը փափաքիմ. Սակայն դուք սուտ խօսքեր կը հնարէք. Ամէնքդ ալ կեղծ բժիշկներ էք։ Երանի՜ թէ բոլորովին լուռ կենայիք Եւ ատիկա ձեզի իմաստութիւն պիտի սեպուէր։ Հիմա իմ պատճառաբանութիւնս լսեցէք Ու շրթունքներուս փաստերուն ականջ դրէք։ Աստուծոյ մասին անիրաւութեա՞մբ կը խօսիք Ու անոր համար նենգութեա՞մբ կ’արտայայտուիք։ Միթէ աչառութի՞ւն կ’ընէք անոր, Կամ Աստուծոյ փա՞ստը կը պաշտպանէք։ Աղէ՞կ է որ անիկա ձեզ քննէ. Պիտի խաբէ՞ք զանիկա մարդ խաբելու պէս։ Եթէ ծածուկ աչառութիւն ալ ընէք, Անշուշտ անիկա պիտի յանդիմանէ ձեզ։ Միթէ անոր վեհափառութիւնը ձեզ չի՞ վախցներ, Ու անոր ահը ձեր վրայ չ’ի՞յնար։ Ձեր ասացուածքները մոխիրի առակներ են, Ձեր պատնէշները կաւէ պատնէշներու՝ ՝ պէս են։ Լռեցէք իմ առջեւս, որ ես խօսիմ Եւ ինչ որ ուզէ թող պատահի ինծի։ Ինչո՞ւ համար մարմինս ակռաներուս մէջ առնեմ Ու հոգիս ափիս մէջ դնեմ, Թէեւ անիկա զիս սպաննէ, ես անոր պիտի յուսամ. Մանաւանդ ճամբաներս անոր առջեւ պիտի պաշտպանեմ։ Իմ փրկութիւնս անիկա է. Բայց կեղծաւորը բնաւ անոր առջեւ պիտի չգայ։ Աղէկ մտիկ ըրէք իմ խօսքիս Ու իմ ըսելիքս ձեր ականջներուն թող հասնի ։ Ահա հիմա իմ դատս կարգի դրած եմ, Գիտեմ թէ պիտի արդարանամ։ Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի. Քանզի եթէ հիմա լռելու ըլլամ, պիտի մեռնիմ։ Միայն թէ այս երկու բանը մի՛ ըներ ինծի Ու այն ատեն քու երեսէդ պիտի չպահուըտիմ։ Ձեռքդ վրայէս վերցուր Ու քու երկիւղդ թող զիս չզարհուրեցնէ։ Ետքը դուն կանչէ ու ես պատասխան տամ, Կամ թէ ես խօսիմ ու դուն ինծի պատասխան տուր։ Որչա՞փ են իմ անօրէնութիւններս ու մեղքերս։ Իմ յանցանքս ու մեղքս ինծի իմացուր։ Ինչո՞ւ համար երեսդ կը պահես Ու զիս քեզի թշնամի կը սեպես։ Հովէն քշուած տերեւի՞ մը դէմ ահաւոր պիտի ըլլաս, Կամ թէ չոր մղե՞ղ մը պիտի հալածես. Դառնութեան վճիռ կու տաս՝ ՝ ինծի Ու իմ երիտասարդութեանս անօրէնութիւնները ինծի ժառանգ կու տաս, Ոտքերս կոճղի մէջ կը դնես Ու բոլոր ճամբաներս կը զննես Եւ իմ ոտքերուս քայլերուն սահման կը դնես։ Ու այս մարմինս փտտած բանի պէս Ու ցեցէն կերուած լաթի պէս կը մաշի»։ «Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, Որ թշուառութիւնով լեցուն է։ Ծաղիկի պէս կ’ելլէ ու կը կտրուի Ու շուքի պէս կը փախչի ու չի կենար։ Բայց անո՞ր վրայ ալ աչքերդ կը բանաս Ու զիս քեզի հետ դատաստանի՞ կը տանիս։ Անմաքուրէն ո՞վ կրնայ մաքուր հանել։ Բնաւ մէկը չի կրնար ։ Անոր օրերը որոշուած են, Անոր ամիսներուն թիւը քու քովդ է. Դուն անոր սահման դրիր Ու անիկա չի կրնար անդին անցնիլ։ Երեսդ մէկդի դարձուր անկէ, որպէս զի անիկա հանգչի, Մինչեւ որ վարձկանի պէս իր օրը լմնցնէ։ Վասն զի եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ, Որ վերստին ծլի ու ճիւղը պակաս չըլլայ։ Թէեւ անոր արմատը երկրին մէջ ծերացած ըլլայ Ու անոր կոճղը՝ հողին մէջ մեռած, Անիկա ջուրին հոտէն պիտի ծաղկի Ու նոր տնկուած ծառի պէս ճիւղեր պիտի արձակէ։ Բայց մարդը կը մեռնի ու կ’երթայ։ Մարդը իր հոգին կ’աւանդէ ու ետքը ո՞ւր ըլլալը յայտնի չըլլար։ Ինչպէս ջուրերը ծովէն կը շոգիանան Ու գետը կը ցամքի ու կը չորնայ, Այսպէս ալ մարդը գետինը կը պառկի ու չ’ելլեր. Մինչեւ որ ա՛լ երկինք չըլլայ՝ պիտի չելլէ Ու իր քունէն պիտի չարթննայ։ Երանի՜ թէ մինչեւ քու բարկութեանդ անցնիլը՝ Գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։ Ինծի ժամանակ մը որոշէիր ու ետքը զիս միտքդ բերէիր։ Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։ Պատերազմիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ, Մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ։ Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. Քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս։ Քանի որ հիմա քայլերս կը համրես, Մեղքս մի՛ քններ։ Իմ յանցանքս քսակի մէջ կնքուած է Ու իմ անօրէնութեանս վրայ ծածկոց մը դրիր։ Իրաւ որ լեռը իյնալով կը կործանի Ու ապառաժը իր տեղէն կը փոխադրուի։ Ջուրերը կը մաշեցնեն քարերը, Իրենց յորդած ժամանակը գետնին հողերը կը քշեն կը տանին. Դուն ալ մարդուն յոյսը այնպէս կը կորսնցնես։ Դուն բոլորովին կը յաղթես ու անիկա կ’երթայ. Անոր դէմքը փոխելով՝ զանիկա կը վռնտես։ Անոր տղաքը պատիւ կ’ունենան ու ինք չի գիտնար. Անոնք անարգ կ’ըլլան ու ինք անոնց վիճակը չ’իմանար։ Միայն իր մարմնին ցաւը կ’զգայ Ու իր հոգին կը տրտմի իր ներսիդին»։ Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխանեց. «Միթէ իմաստուն մարդը հովի պէս խօսքերո՞վ պիտի պատասխանէ Ու իր փորը արեւելեան հովո՞վ պիտի լեցնէ։ Պարապ խօսքերո՞վ պիտի վիճաբանի, Խօսքերով՝ որոնք օգուտ մը չունին։ Մանաւանդ դուն Աստուծոյ երկիւղը կը խափանես Ու Աստուծոյ մատուցուելիք աղօթքը կ’արգիլես։ Որովհետեւ բերանդ քու անօրէնութիւնդ կը ցուցնէ Ու նենգաւորներուն լեզուն ընտրեցիր։ Քու բերա՛նդ քեզ պիտի դատապարտէ ու ոչ թէ՝ ես։ Քու շրթունքներդ քեզի դէմ պիտի վկայեն։ Առաջին ծնած մարդը դո՞ւն ես, Կամ բլուրներէն առա՞ջ ստեղծուեցար։ Աստուծոյ գաղտնիքներուն ունկնդիր եղա՞ր Եւ իմաստութիւնը միայն քեզի՞ պահեցիր։ Ի՞նչ գիտես դուն, որ մենք չենք գիտեր. Ի՞նչ բանէ տեղեկութիւն ունիս, որ մենք չունինք։ Մեր մէջ ճերմակ մազերով Ու խիստ ծեր մարդիկ ալ կան, Որոնք տարիքով քու հօրմէդ աւելի մեծ են։ Միթէ քի՞չ կը թուին քեզի Աստուծոյ մխիթարութիւնները Ու քեզի ըսուած մեղմ խօսքերը՝ ՝։ Քու սիրտդ ո՞ւր կը տանի քեզ Ու աչքերդ ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն, Որ հոգիդ Աստուծոյ դէմ դարձնելով՝ Բերնէդ այդպիսի խօսքեր կը հանես։ Մարդը ի՞նչ է, որ մաքուր ըլլայ Ու կնոջմէն ծնածը՝ որ արդարանայ. Ահա Աստուած իր սուրբերուն չի հաւատար Ու երկինք անոր աչքերուն առջեւ մաքուր չէ. Ո՞ւր կը մնայ գարշելի ու պիղծ մարդը, Որ անօրէնութիւնը ջուրի պէս կը խմէ։ Քեզի իմացնեմ, մտիկ ըրէ ինծի Ու տեսածս պատմեմ քեզի ։ Ինչ որ իմաստունները յայտնեցին Ու բնաւ չծածկեցին ինչ որ իրենց հայրերէն առին ։ (Երկիր անոնց միայն տրուեցաւ Ու անոնց մէջէն օտարական մը չանցաւ)։ Չարը իր բոլոր օրերուն մէջ տանջանք կը կրէ Ու բռնաւորին քիչ տարիներ պահուած են։ Վախի ձայնը անոր ականջն է. Խաղաղութեան մէջ անոր վրայ կործանիչը պիտի գայ. Չի հաւատար թէ մութէն պիտի ելլէ Ու անիկա սուրի սահմանուած է։ ‘Հացը ո՞ւր է’ ըսելով ՝ թափառական կը պտըտի. Գիտէ թէ մութ օրը պատրաստ է իր ձեռքը։ Նեղութիւնն ու տառապանքը զանիկա կը վախցնեն Ու պատերազմի պատրաստուած թագաւորի պէս անոր կը յաղթեն, Վասն զի Աստուծոյ դէմ ձեռք վերցուց Ու Ամենակարողին դէմ հպարտացաւ։ Անոր վրայ կը յարձակի գոռոզութեամբ Ու իր թանձր եւ ուռուցիկ վահանով։ Որովհետեւ իր երեսը ճարպով ծածկեց Ու երիկամունքները պարարտութեամբ գոցեց։ Անիկա աւերակ քաղաքներու մէջ բնակեցաւ Ու կործանելու մօտեցած անշէն տուներու մէջ։ Անիկա պիտի չհարստանայ, Անոր ստացուածքները հաստատ պիտի չըլլան։ Անոնց երջանկութիւնը երկրի վրայ պիտի չտարածուի։ Մութէն պիտի չազատի. Բոցը պիտի չորցնէ անոր ճիւղերը Ու Աստուծոյ բերնին շունչովը պիտի ոչնչանայ։ Խաբուելով ունայնութեան թող չվստահի, Վասն զի անոր վարձքը ունայնութիւն պիտի ըլլայ։ Օրերը չլմնցած պիտի կտրուի Ու ճիւղերը նորէն պիտի չկանանչանան։ Որթատունկի պէս իր ազոխը պիտի թափէ Ու ձիթենիի պէս իր ծաղիկները պիտի թօթափէ։ Վասն զի կեղծաւորներուն ժողովը ամայի պիտի ըլլայ Ու կրակը պիտի այրէ կաշառք առնողներուն վրանները։ Անոնք թշուառութիւն կը յղանան, անօրէնութիւն կը ծնանին Ու սրտերնին խաբէութիւն կը պատրաստէ»։ Յոբ պատասխանեց. «Ես ատոնց պէս շատ բաներ լսած եմ. Ամէնքդ ալ ձանձրացնող մխիթարիչներ էք։ Դատարկ խօսքերը վերջ ունի՞ն. Կամ ի՞նչ բանէ դրդուած պատասխան կու տաք։ Ես ալ ձեզի պէս կրնայի խօսիլ։ Եթէ ձեր անձը իմ անձիս տեղը ըլլար, Կրնայի ձեզի դէմ խօսքեր դիզել Ու ձեզի դէմ գլուխս երերցնել։ Սակայն իմ բերնովս կրնայի ձեզ զօրացնել Ու շրթունքներուս մխիթարութիւնը ձեր տրտմութիւնը կրնար փարատել։ Եթէ խօսիմ՝ տրտմութիւնս չի փարատիր Եւ եթէ լռեմ՝ ի՞նչ կը պակսի ինծմէ։ Բայց հիմա Աստուած զիս յոգնեցուց. Բոլոր տունս ամայի ըրաւ»։ Նաեւ զիս բռնեց ու ասիկա ինծի դէմ վկայութիւն մըն է Ու իմ նիհարութիւնս ինծի դէմ ելլելով՝ զիս կ’ամբաստանէ։ Անոր բարկութիւնը զիս պատռեց ու ինծի թշնամի եղաւ, Ակռաները իմ վրաս կրճտեց։ Թշնամիս սուր աչքերով ինծի նայեցաւ։ Բերաննին վրաս բացին Ու զիս նախատելու համար ծնօտներուս ապտակ զարկին. Մէկտեղ վրաս հաւաքուեցան։ Աստուած զիս ամբարշտին յանձնեց Ու անօրէններուն ձեռքը ձգեց։ Հանգիստ էի ու զիս ճնշեց Ու վզէս բռնելով՝ զիս ջախջախեց Ու զիս իրեն նշանակետ ըրաւ։ Անոր աղեղնաւորները իմ բոլորտիքս առին։ Երիկամունքներս կը խոցէ ու ինծի չի խնայեր. Մաղձս գետինը կը թափէ։ Կոտորածի վրայ կոտորած ընելով զիս կոտորեց, Իմ վրաս զինուորի մը պէս յարձակեցաւ։ Մորթիս վրայ քուրձ կարեցի Ու եղջիւրս հողով աղտոտեցի։ Երեսս լալէն ուռեցաւ Ու աչքիս թարթիչներուն վրայ մահուան շուք կայ. Թէեւ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն չկայ Ու աղօթքս մաքուր է։ Ո՛վ երկիր, իմ արիւնս մի՛ ծածկեր Ու աղաղակս հանգստանալու տեղ թող չգտնէ։ Հիմա ալ՝ ահա իմ վկաս երկնքի մէջ է ու Փաստաբանս բարձր տեղերն է։ Զիս ծաղր ընողները իմ բարեկամներս են։ Աչքերս Աստուծոյ առջեւ արցունք կը թափեն։ Երանի՜ թէ մարդ կարենար Աստուծոյ հետ վիճաբանիլ, Ինչպէս մարդ՝ իր ընկերին հետ։ Վասն զի քիչ տարիներ անցնելէ յետոյ՝ Այնպիսի ճամբայ մը պիտի երթամ, ուրկէ ա՛լ պիտի չդառնամ»։ «Շունչս կը կտրի, օրերս կը մարին, Գերեզմանը ինծի կը սպասէ ։ Չէ՞ որ ծաղր ընողներ կան իմ քովս, Անոնց գրգռութիւնը աչքիս առջեւ է։ Աղէ՜, քու քովդ ինծի երաշխաւոր մը դիր. Ո՞վ կայ որ իմ ձեռքս բռնէ։ Վասն զի դուն իմաստութիւնը անոնց սրտէն ծածկեցիր, Անոր համար պիտի չբարձրացնես զանոնք։ Ով որ իր բարեկամները կողոպտուելու կը մատնէ՝ ՝, Անոր տղոցը աչքերը պիտի նուաղին։ Զիս ժողովուրդներուն բերնի ծամոց ըրաւ, Անոնց առջեւ զզուելի եղայ։ Նաեւ աչքերս տրտմութենէն շլացան Ու մարմնիս բոլոր անդամները շուքի պէս եղան։ Ուղիղները այս բանին վրայ պիտի զարմանան Ու անմեղները պիտի յուզուին կեղծաւորին դէմ։ Ու արդարը հաստատ պիտի կենայ իր ճամբուն մէջ Եւ մաքուր ձեռք ունեցողը երթալով պիտի զօրանայ։ Բայց դուք ամէնքդ ալ դարձէ՛ք ու եկէ՛ք, Վասն զի ձեր մէջ իմաստուն մէկը չեմ գտներ։ Իմ օրերս անցան, Իմ դիտաւորութիւններս ու սրտիս խորհուրդները խափանուեցան։ Գիշերը ցորեկի փոխուեցաւ Ու լոյսը խաւարին մօտեցաւ՝ ՝։ Եթէ երկար սպասեմ գերեզմանին, որ իմ տունս պիտի ըլլայ, Անկողինս մթութեան մէջ փռեմ, Եթէ ապականութեան աղաղակեմ՝ ըսելով. ‘Դուն իմ հայրս ես ’ Եւ որդերուն՝ ‘ Դուք իմ մայրս ու քոյրս էք ’, Այն ատեն ո՞ւր է իմ յոյսս։ Իմ յոյսս ո՞վ պիտի տեսնէ։ Գերեզմանին առանձնութեանը մէջ պիտի իջնէ, Երբ մէկտեղ հողին մէջ հանգստանանք»։ Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց. «Ե՞րբ այդ խօսքերը պիտի հատցնէք. Հասկցէ՛ք ու անկէ ետքը խօսինք։ Ինչո՞ւ համար անասուններու պէս համարուինք Ու աչքերնուդ առջեւ անմաքուր սեպուինք։ (Դուն որ բարկութիւնովդ քեզ կը պատառես), Միթէ երկիրը քեզի համար երեսի վրայ պիտի ձգուի՞ Ու ապառաժը իր տեղէն պիտի փոխադրուի՞։ Անշուշտ ամբարշտին լոյսը պիտի մարի Ու անոր կրակին բոցը լոյս պիտի չտայ. Անոր վրանին մէջ լոյսը պիտի խաւարի Ու անոր ճրագը անոր վրայ պիտի մարի։ Անոր զօրութեանը քայլերը նեղութիւն պիտի կրեն Ու անոր խորհուրդը զանիկա գետինը պիտի զարնէ։ Վասն զի իր ոտքերովը ուռկանի մէջ պիտի բռնուի Ու ցանցի վրայ պիտի քալէ։ Վարմը անոր գարշապարը պիտի բռնէ Ու աւարառուն անոր պիտի յաղթէ։ Անոր համար գետնին մէջ թակարդ պահուած է Ու անոր ճամբուն վրայ՝ որոգայթ։ Արհաւիրքը զանիկա ամէն կողմէն պիտի պաշարէ Ու զանիկա իր ոտքերովը ասդին անդին պիտի վազցնէ։ Անոր զօրութիւնը պիտի անօթենայ Ու կորուստը անոր քով պատրաստ է, Որ անոր մորթին ոյժը ուտէ։ Մահուան առջինեկը պիտի ուտէ անոր ոյժը։ Անոր վստահութիւնը իր վրանէն պիտի կտրուի Ու անիկա դէպի զարհուրանքի թագաւորը պիտի քշուի։ Անոր վրանին մէջ զարհուրանք պիտի բնակի, որ այնուհետեւ իրը պիտի չըլլայ. Ու անոր բնակարանին վրայ ծծումբ պիտի ցանուի։ Անոր արմատները տակէն պիտի չորնան Ու վերէն ճիւղերը պիտի կտրուին։ Անոր յիշատակը երկրէն պիտի կորսուի Ու անոր անունը հրապարակներուն մէջ պիտի չտրուի։ Անիկա լոյսէն խաւարը պիտի քշուի Ու անիկա աշխարհէն պիտի վռնտուի։ Իր ժողովուրդին մէջ ո՛չ զաւակ պիտի ունենայ եւ ո՛չ թոռ Ու անոր բնակարաններուն մէջ մէ՛կը պիտի չմնայ։ Յետինները անոր օրուանը վրայ պիտի զարմանան Ու առաջինները պիտի սոսկան։ Արդարեւ, ամբարշտին բնակարանները այսպէս պիտի ըլլան Ու Աստուած չճանչցողին տեղը այսպէս է»։ Յոբը պատասխանեց. «Մինչեւ ե՞րբ հոգիս պիտի վշտացնէք Ու զիս խօսքերով պիտի ճնշէք։ Արդէն տասը անգամ է որ զիս կը մեղադրէք։ Չէ՞ք ամչնար որ վրաս կը յարձակիք։ Եթէ արդարեւ ես սխալեր եմ, Իմ սխալս իմ քովս կը մնայ։ Եթէ անպատճառ ամբարտաւանութեամբ խօսիլ կ’ուզէք ինծի դէմ Ու ամօթս երեսս զարնել, Գիտցէք ուրեմն թէ զիս Աստուած կործանեց Ու իր ցանցը իմ շուրջս դարձուց։ Ահա ինծի եղած անիրաւութեանը համար կ’աղաղակեմ ու պատասխան տուող չկայ, Կը բողոքեմ, բայց արդարութիւն չկայ։ Անիկա իմ ճամբաս գոցեց, այնպէս որ չեմ կրնար անցնիլ. Իմ շաւիղներուս վրայ խաւար դրաւ։ Զիս իմ փառքս մերկացուց Ու գլխէս թագը վերցուց։ Զիս ամէն կողմէ աւերեց ու ես գացի Ու իմ յոյսս ծառի մը պէս արմատէն խլեց։ Անոր բարկութիւնը իմ վրաս բորբոքեցաւ Ու զիս իր թշնամիներուն կարգը դրաւ։ Անոր գունդերը մէկտեղ եկան Ու ճամբանին ինծի դէմ պատրաստեցին Ու վրանիս բոլորտիքը բանակեցան։ Անիկա իմ եղբայրներս ինծմէ հեռացուց Ու արդարեւ ծանօթներս օտարացան ինծմէ։ Ազգականներս զիս թողուցին Ու իմ ճանչուորներս զիս մոռցան։ Իմ տունս բնակողներն ու աղախիններս զիս անծանօթ մէկը սեպեցին Ու անոնց աչքին առջեւ օտարական եղայ։ Ծառաս կանչեցի ու անիկա պատասխան չտուաւ, Թէեւ բերնովս անոր աղաչեցի։ Իմ շունչս ատելի եղաւ կնոջս Ու իմ աղաչանքներս՝ իմ մօրս որովայնին որդիներուն։ Փոքր տղաքն ալ զիս կ’անարգեն Ու երբ կ’ելլեմ, ինծի դէմ կը խօսին։ Բոլոր մտերիմ բարեկամներս ինծմէ զզուեցան Ու իմ սիրականներս ինծի դէմ դարձան։ Ոսկորներս մորթիս ու մարմնիս փական, Միայն ակռաներուս կաշիովը ազատեցայ։ Ո՛վ իմ բարեկամներս, դո՛ւք ողորմեցէք ինծի, Ողորմեցէ՛ք ինծի, քանզի Աստուծոյ ձեռքը ինծի դպաւ։ Ինչո՞ւ Աստուծոյ պէս կը հալածէք Ու մարմինէս չէք կշտանար։ «Երանի՜ թէ հիմա խօսքերս գրուէին. Երանի՜ թէ գրքի մը մէջ քանդակուէին։ Երկաթէ գրիչով կապարի վրայ Ու քարի վրայ յաւիտենապէս փորագրուէին։ Վասն զի գիտեմ թէ իմ Փրկիչս ողջ է Ու անիկա վերջին ժամանակը պիտի ելլէ երկրի վրայ։ Ու թէեւ մորթէս ետքը այս ալ փճանայ, Բայց իմ մարմնովս Աստուած պիտի տեսնեմ, Ես ինծի համար պիտի տեսնեմ Ու իմ աչքերս պիտի դիտեն զանիկա եւ ո՛չ թէ ուրիշը։ Երիկամունքներս իմ ներսիդիս կը հալին։ Պէտք էր ըսէիք. ‘Ինչո՞ւ կը հալածենք զանիկա’ Եւ ‘Բանին արմատը իր մէջ գտնուեցաւ’։ Սուրէն վախցէք. վասն զի բարկութեան պատիժը սուրն է, Որպէս զի գիտնաք թէ դատաստան մը կայ»։ Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց. «Ասոր համար իմ խորհուրդներս ինծի պատասխանել կու տան Ու ասոր համար կ’արտորամ։ Զիս խայտառակող յանդիմանութիւնը լսեցի, Բայց իմ հոգիս ունեցած իմաստութենէս կը ստիպէ, որ պատասխանեմ։ Դուն գիտե՞ս թէ սկիզբէն՝ Մարդս երկրի վրայ դրուելէն ի վեր՝ Անզգամին յաղթանակը քիչ ժամանակ կը տեւէ Ու կեղծաւորին ուրախութիւնը մէկ վայրկեանի համար է։ Թէեւ անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք ելլէ Ու գլուխը ամպերուն հասնի, Իր աղբին պէս յաւիտեան պիտի ոչնչանայ Ու զինք տեսնողները պիտի ըսեն՝ ‘Ո՞ւր է անիկա’։ Երազի պէս պիտի թռչի ու պիտի չգտնուի Ու գիշերուան ցնորքի պէս պիտի փախչի։ Զանիկա տեսնող աչքը ա՛լ պիտի չտեսնէ Ու անոր բնակած տեղը ա՛լ պիտի չնայի անոր։ Անոր զաւակները աղքատներէն շնորհք պիտի խնդրեն՝ ՝ Ու անոր ձեռքերը յափշտակածը ետ պիտի տան։ Անոր ոսկորները երիտասարդութեան մեղքերուն պատիժովը լեցուն են Ու անոր հետ հողին մէջ պիտի պառկին։ Եթէ անզգամութիւնը անոր բերնին մէջ քաղցր է Եւ եթէ իր լեզուին տակ կը պահէ զանիկա, Եթէ զանիկա խնայէ ու չձգէ Ու իր քիմքին մէջ պահէ զանիկա, Կերակուրը անոր աղիքներուն մէջ պիտի փոխուի, Անոր ներսիդին քարբի լեղի պիտի ըլլայ։ Անիկա հարստութիւններ կուլ տուաւ, բայց պիտի փսխէ զանոնք։ Աստուած անոր փորէն դուրս պիտի հանէ զանոնք։ Անիկա քարբին թոյնը պիտի ծծէ Ու իժի լեզուն զանիկա պիտի մեռցնէ։ Անիկա պիտի չտեսնէ վտակները, Մեղրի ու կոգիի հեղեղներուն գետերը։ Իր աշխատանքով վաստկածը ետ պիտի տայ ու պիտի չկլլէ Ու ետ տուածը իր հարստութեանը չափ պիտի ըլլայ։ Անոր վրայ պիտի չուրախանայ։ Քանի որ աղքատները ճնշեց ու երեսի վրայ թողուց Ու իր չշինած տունը յափշտակեց, Անշուշտ իր ներսիդին խաղաղութիւն պիտի չզգայ Ու ցանկացածը պիտի չկրնայ ազատել։ Անոր ուտելու բան մը պիտի չմնայ, Անոր համար անոր յաջողութիւնը հաստատ պիտի չըլլայ։ Առատութեամբ լեցուն եղած ժամանակն ալ նեղութեան մէջ պիտի ըլլայ. Թշուառութեան մէջ եղողներուն ամէն հարուած անոր վրայ պիտի գայ։ Երբ փորը կշտացնելու վրայ ըլլայ, Աստուած իր սաստիկ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ղրկէ Ու անձրեւի պէս անոր վրայ պիտի թափէ՝ կերակուր ուտելու ատենը։ Երկաթէ զէնքին առջեւէն փախած ատենը Պղնձէ աղեղը զանիկա պիտի խոցէ։ Անոր դէմ արձակուած աղեղը մարմնէն պիտի անցնի Ու փայլուն տէգը անոր մաղձէն պիտի ելլէ. Անոր վրայ արհաւիրք պիտի գայ։ Բոլոր խաւարը անոր գաղտուկ տեղերը պիտի պահուի. Մարած կրակը զանիկա պիտի լափէ. Անոր վրանին մէջ մնացողը ապերջանիկ պիտի ըլլայ՝ ՝։ Երկինք անոր ապօրէնութիւնը պիտի յայտնէ, Երկիր ալ անոր դէմ պիտի ելլէ։ Անոր տանը եկամուտը պիտի յափշտակուի, Ամէն բան պիտի անցնի Աստուծոյ բարկութեան օրը։ Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը, որ Աստուծմէ պիտի առնէ Եւ ասիկա է այն ժառանգութիւնը, որ Աստուած անոր համար սահմաներ է»։ Յոբ պատասխանեց. «Խօսքիս աղէկ մտիկ ըրէք Ու այս ըլլայ ձեր մխիթարութիւնը։ Ինծի համբերեցէք ու ես խօսիմ Ու խօսելէս ետքը ծաղր ըրէք։ Միթէ ես մարդո՞ւ հետ կը վիճիմ Եւ ինչո՞ւ համար հոգիս չտրտմի։ Ինծի նայեցէ՛ք ու ապշեցէ՛ք Ու բերաննուդ վրայ ձեռք դրէ՛ք։ Այս բաներուն վրայ մտածելով կը զարհուրիմ Ու մարմինս կը սկսի դողալ։ Ամբարիշտները ինչո՞ւ կ’ապրին, Կը ծերանան ու խիստ կ’ուժովնան։ Անոնց սերունդը իրենց հետ կը հաստատուի իրենց առջեւ Եւ անոնց զաւակները՝ աչքերնուն առջեւ։ Տուներնին խաղաղութեան մէջ է ու վախէ ազատ Եւ Աստուծոյ գաւազանը անոնց վրայ չէ։ Անոնց ցուլը կը զուգաւորուի ու դատարկ չ’ելլեր. Կովը իր հորթը կը ծնանի ու վիժում չունենար։ Իրենց պզտիկները ոչխարի հօտի պէս կը հանեն Ու անոնց տղաքը ուրախութեամբ կը ցատկռտեն. Թմբուկով ու քնարով կ’երգեն Ու սրինգին ձայնովը կ’ուրախանան։ Անոնք օրերնին զուարճութիւնով կ’անցընեն Ու խաղաղութեամբ գերեզմանը կ’իջնեն։ Եւ Աստուծոյ կ’ըսեն. ‘Քաշուէ՛ մեզմէ, Վասն զի քու ճամբաներդ գիտնալ չենք ուզեր։ Ամենակարողը ո՞վ է, որ անոր ծառայենք Ու եթէ անոր աղօթք ընենք, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենանք’։ Ահա անոնց բարիքը ձեռքերնին չէ՞։ Ամբարշտին խորհուրդը ինծմէ հեռու ըլլայ։ Ամբարիշտներուն ճրագը քանի՞ անգամ կը մարի Ու տառապանքը անոնց վրայ կու գայ։ Աստուած իր բարկութեամբ անոնց ցաւեր կը բաժնէ։ Հովին առջեւ եղած յարդին պէս Ու մրրիկին յափշտակած շիւղին պէս կ’ըլլան։ ‘Աստուած անոր անիրաւութիւնը անոր որդիներուն կը պահէ’, կ’ըսեն։ Անոր փոխարէն անոնց թող հատուցանէ, որ անոնք գիտնան։ Անոր աչքերը իր կորուստը թող տեսնեն Ու Ամենակարողին բարկութենէն թող խմէ։ Անիկա ի՞նչ զուարճութիւն պիտի ունենայ իրմէ ետքը մնացած տունէն, Քանի որ իր ամիսներուն թիւը կիսուած է։ Միթէ Աստուծոյ գիտութիւն սորվեցնել հնարաւո՞ր է, Անոր՝ որ բարձրերը կը դատէ։ Մէկը կը մեռնի իր առուգութեանը մէջ Բոլորովին հանդարտ ու հանգիստ. Անոր քովերը ճարպով՝ ՝ լեցուն են Ու ոսկորներուն ծուծը թարմ է. Ուրիշ մը կը մեռնի հոգիի ցաւով Ու առանց բարիքով կշտանալու. Սակայն երկուքն ալ հողին մէջ կը պառկին Ու որդերը կը ծածկեն զանոնք։ Ահա գիտեմ ձեր խորհուրդները Ու ինծի դէմ ձեր հնարած անիրաւութիւնները։ Վասն զի կ’ըսէք. ‘Ո՞ւր է իշխանին տունը Եւ ո՞ւր է ամբարիշտներուն բնակած վրանը’։ Ճամբորդներուն չհարցուցի՞ք Ու անոնց վկայութիւնը չստացա՞ք։ Վասն զի չարը կորստեան օրուան կը պահուի Ու բարկութեան օրուան կը տարուի։ Անոր երեսին դէմ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր ճամբան Եւ անոր ըրածին փոխարէնը ո՞վ անոր պիտի հատուցանէ։ Բայց ան ալ գերեզմանը պիտի տարուի Ու շիրմին մէջ պիտի մնայ։ Ձորին հողի կոշտերը անոր անոյշ պիտի գան Ու ամէն մարդ անոր ետեւէն պիտի երթայ, իսկ անոր առջեւէն գացողներուն հաշիւը չկայ։ Ուրեմն ի՞նչպէս փուճ մխիթարութիւններ կու տաք ինծի, Որովհետեւ ձեր պատասխաններուն մէջ ստութիւն կայ»։ Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխանեց. «Միթէ մարդը կրնա՞յ Աստուծոյ օգտակար ըլլալ. Խելացի մարդը միայն իրեն օգտակար կ’ըլլայ։ Ամենակարողին հաճոյք կը պատճառէ՞ եթէ արդար ըլլաս, Կամ շահ մը ունի՞ եթէ քու ճամբաներդ շտկես։ Միթէ Իրմէ վախնալուդ համար քեզ կը յանդիմանէ՞, Քեզի հետ դատաստանի կը մտնէ՞։ Չէ՞ որ քու անզգամութիւնդ մեծ է Ու անօրէնութիւններդ անհամար են։ Որովհետեւ եղբայրներէդ առանց պատճառի գրաւ առիր Ու մերկերուն հանդերձները յափշտակեցիր, Ծարաւցածին ջուր չխմցուցիր Ու հացը անօթիէն խնայեցիր։ Զօրաւորը կը տիրէ երկրին Ու անոր մէջ պատուաւորը կը բնակի։ Որբեւարի կիները դատարկ ղրկեցիր Ու որբերուն թեւերը կոտրտեցան։ Անոր համար քու բոլորտիքդ որոգայթներ լարուած են Ու յանկարծահաս վախը քեզ կը զարհուրեցնէ։ Կամ այնպիսի խաւար մը քեզ պատեր է, որ չես կրնար տեսնել Ու ջուրերուն շատութիւնը քեզ կը ծածկէ։ Աստուած երկնքին խիստ բարձր տեղը չէ՞. Հիմա աստղերուն բարձրութեանը նայէ, ո՜րչափ բարձր են։ Ու դուն ըսիր. ‘Ի՞նչ գիտէ Աստուած, Մառախուղին մէջէն դատաստա՞ն պիտի ընէ. Ամպերը անոր առջեւ ծածկոյթ են ու չի տեսներ Եւ անիկա երկնքի կամարին վրայ կը պտըտի’։ Ուշադրութիւն ըրի՞ր՝ ՝ այն հին ճամբային՝ ՝, Ուր անօրէն մարդիկը պտըտեցան, Որոնք յանկարծակի յափշտակուեցան, Որոնց հիմերը հեղեղը ընկղմեց։ Անոնք կ’ըսէին Աստուծոյ. ‘Հեռացիր մեզմէ’, Ու ‘Ամենակարողը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել’։ Թէեւ անոնց տունը բարութիւնով լեցուցեր էր, Բայց անզգամներուն խորհուրդը ինծմէ հեռու ըլլայ։ Արդարները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան Եւ անմեղները զանոնք ծաղր պիտի ընեն՝ ըսելով. ‘Մեր թշնամիները կորսուած են Ու անոնց մնացորդը կրակը կերաւ’։ Աղէ՜, Անոր հետ բարեկամ եղիր ու խաղաղութիւն ունեցիր Ու ասիկա քեզի օգտակար կ’ըլլայ։ Անոր բերնէն օրէնքը ընդունէ Ու անոր խօսքերը սրտիդ մէջ դիր։ Եթէ Ամենակարողին դառնաս եւ խոնարհիս, Եթէ անօրէնութիւնը քու վրաններէդ հեռացնես, Եթէ ոսկին հողին վրայ դնես Ու Ոփիրի ոսկին՝ հեղեղատներու քարերուն վրայ, Եթէ Ամենակարողը քու ոսկիդ է, Քու թանկագին արծաթդ, Այն ատեն Ամենակարողէն ուրախութիւն պիտի ստանաս Ու երեսդ դէպի Աստուած պիտի վերցնես. Անոր պիտի աղաչես ու քեզի պիտի լսէ Եւ քու ուխտերդ պիտի կատարես։ Եթէ դիտաւորութիւն մը ունենաս՝ քեզի պիտի յաջողի Ու ճամբաներուդ վրայ լոյս պիտի ճառագայթէ։ Տէրը կը խոնարհեցնէ հարուստը, բայց խոնարհները կը պահէ։ Քանզի այն ատեն պիտի ազատէ զանիկա, որ աչքերով խոնարհած էր։ Անմեղը պիտի ազատէ Ու քու ձեռքերուդ մաքրութիւնովը պիտի ազատուիս»։ Յոբ պատասխանեց. «Այսօր ալ իմ գանգատս դառն է, Անոր հարուածը հառաչանքէս ծանր է։ Երանի՜ թէ կարող ըլլայի գտնել զանիկա, Մինչեւ անոր աթոռը երթայի, Իմ դատս անոր առջեւ տարածէի Ու բերանս փաստերով լեցնէի։ Պիտի գիտնայի թէ ինծի ի՛նչ պատասխան պիտի տար Ու պիտի հասկնայի ինչ որ ինծի պիտի ըսէր։ Միթէ ուժին շատութիւնովը ինծի հետ պիտի վիճէ՞ր։ Ո՛չ։ Հապա ինք զիս պիտի զօրացնէր։ Ուղիղ մարդը հոն կրնայ վիճաբանիլ անոր հետ Ու ես իմ Դատաւորէս յաւիտեան պիտի ազատուէի։ Բայց ահա դէպի արեւելք կ’երթամ ու անիկա չերեւնար Եւ դէպի արեւմուտք ու զանիկա չեմ նշմարեր։ Դէպի հիւսիս կ’երթամ, ուր ինք կը գործէ, Բայց զանիկա չեմ կրնար դիտել։ Հարաւային կողմը կը պահուի Ու չեմ կրնար տեսնել զանիկա ։ Իսկ անիկա գիտէ իմ ճամբաս։ Երբ զիս փորձէ, ոսկիի պէս պիտի ելլեմ։ Ոտքս անոր քայլերուն վրայ հաստատուեցաւ, Անոր ճամբան պահելով՝ չմոլորեցայ։ Անոր շրթունքներուն պատուիրանքներէն չզատուեցայ։ Անոր բերնին խօսքերը իմ պիտոյքէս աւելի պահեցի։ Բայց անիկա մէկ մտքի վրայ է Եւ ո՞վ կրնայ զանիկա դարձնել. Իր սրտին ուզածը կ’ընէ։ Ուրեմն ինծի համար սահմանուածը պիտի կատարէ։ Ասոր պէս շատ բաներ կան անոր քով։ Անոր համար անոր ներկայութենէն կը շփոթիմ։ Երբ մտածեմ՝ անկէ կը վախնամ։ Վասն զի Աստուած սիրտս կը կակուղցնէ Ու Ամենակարողը զիս կը շփոթեցնէ, Որովհետեւ ես թշուառութեան խաւարէն չմեռայ Ու մութը զիս չծածկեց»։ «Քանի որ Ամենակարողէն պահուած չեն ժամանակները, Ի՞նչպէս զանիկա ճանչցողները անոր օրերը չեն տեսներ։ Չարերը սահմաններ կը փոխեն, Հօտեր կը յափշտակեն ու զանոնք կ’արածեն. Որբերուն էշերը կ’առնեն կը տանին, Որբեւարիին եզը գրաւ կ’առնեն. Աղքատները ճամբայէն կը մոլորեցնեն Ու երկրի տնանկները ինքզինքնին կը ծածկեն։ Ահա անոնք անապատի վայրենի էշերուն պէս իրենց գործին կ’ելլեն, Կանուխ որս փնտռելու կ’երթան. Անապատը անոնց տղոցը հաց կու տայ ։ Իրենցը չեղած արտը կը հնձեն Ու անիրաւութեամբ այգի կը կթեն։ Գիշերը առանց հանդերձի կը պառկեցնեն մերկը Ու պաղ ատեն առանց ծածկոցի կը թողուն ։ Անոնք լեռներուն սաստիկ անձրեւներէն կը թրջուին Ու ապաստանարան մը չունենալնուն համար ժայռերը կը գրկեն։ Որբը ծիծէն կը հեռացնեն Ու աղքատէն պզտիկ զաւակը գրաւ կ’առնեն։ Մերկերը առանց հանդերձի կը պտըտեցնեն Ու անօթիները անոնց ցորենի խուրձերը կը կրեն։ Իրենց պատերուն մէջ իւղ հանողները Ու հնձաններուն մէջ գինի կոխողները ծարաւ կը մնան։ Քաղաքին մէջ մարդիկ կը հեծեն Ու վիրաւորուածներուն հոգին կ’աղաղակէ։ Բայց Աստուած անոնց ըրածը անզգամութիւն չի համարեր։ Անոնք լոյսին դէմ կեցողներէն են, Անոր ճամբաները չեն գիտեր Ու անոր շաւիղներուն մէջ չեն կենար։ Մարդասպանը լուսնալուն պէս կ’ելլէ, Աղքատն ու տնանկը կը սպաննէ Ու գիշերը գողի պէս կ’ըլլայ։ Շնացողին աչքն ալ իրիկուան մութին կը սպասէ՝ ըսելով. ‘Զիս աչք չտեսնէ’, ուստի երեսին ծածկոց կը դնէ։ Մութ ատեն կը ծակեն այն տուները, Որոնց վրայ ցորեկուընէ նշան դրած են. Անոնք լոյսը չեն ճանչնար. Վասն զի առտուան լոյսը մահուան շուքի պէս է անոնց, Որովհետեւ մահուան շուքին երկիւղներուն վարժուած են։ Անիկա ջուրին երեսին վրայ թեթեւ է. Անոնց բաժինը երկրի վրայ անիծեալ է Ու այգիներուն ճամբան չի դառնար։ Չորութիւնն ու տաքութիւնը ձիւնին ջուրը կը հատցնեն Ու գերեզմանը՝ մեղք գործողները։ Որովայնը զանիկա պիտի մոռնայ. Որդերը պիտի ուտեն զանիկա անուշ բանի պէս. Ա՛լ անիկա պիտի չյիշուի։ Ամբարշտութիւնը ծառի մը պէս պիտի կոտրուի։ Անիկա զաւակ չծնանող ամուլը կը չարչարէ Ու որբեւարիին աղէկութիւն չ’ըներ։ Անիկա իր ուժովը զօրաւորներուն կեանքը կ’երկարաձգէ, Իսկ երբ ելլէ, մէկո՛ւն կեանքի ապահովութիւն չկայ։ Աստուած անոր ապահովութիւն կու տայ, որպէս զի իրեն վստահի, Բայց իր աչքերը անոնց ճամբաներուն վրայ են։ Քիչ մը բարձրացան ու ոչինչ եղան, Ամենուն պէս ընկղմելով կորսուեցան Ու հասկի պէս կտրուեցան։ Եթէ այսպէս չէ, ո՞վ զիս սուտ պիտի հանէ Եւ իմ խօսքիս ոչինչ ըլլալը պիտի ցուցնէ»։ Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց. «Իշխանութիւնն ու վախը անոր քով են, Իր բարձր տեղերուն մէջ խաղաղութիւն կ’ընէ։ Անոր գունդերուն համրանքը կա՞յ արդեօք Ու անոր լոյսը որո՞ւ վրայ չի ծագիր։ Ուրեմն մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։ Կնոջմէ ծնածը ի՞նչպէս կրնայ մաքուր ըլլալ։ Ահա լուսինն ալ լոյս չի տար Ու անոր աչքերուն առջեւ աստղերն ալ մաքուր չեն. Ալ ո՞ւր կը մնայ մարդը, որ որդ մըն է Ու մարդու որդին՝ որ ճճի մըն է»։ Այն ատեն Յոբ պատասխանեց. «Տկարին ի՞նչ օգնութիւն ըրիր Եւ ոյժ չունեցող բազուկը ի՞նչպէս զօրացուցիր։ Անխելքին ի՞նչ խրատ տուիր Ու ի՞նչ իմաստութիւն ցուցուցիր։ Դուն որո՞ւ ըսիր այս խօսքերը Ու որո՞ւն շունչը ելաւ քեզմէ։ Ոգիները վարէն կը դողան, Նաեւ ջուրերն ու անոնց բնակիչները։ Դժոխքը բաց է անոր առջեւ Ու կորուստը անծածկոյթ է։ Անիկա հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ Ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ։ Ջուրերը իր մութ ամպերուն մէջ կը ծրարէ Ու անոնց տակէն ամպը չի պատռիր։ Իր աթոռին երեսը կը պահէ, Անոր վրայ իր ամպը կը տարածէ։ Ջուրերուն երեսին վրայ ամէն կողմէն սահմաններ դրաւ Մինչեւ լոյսին ու խաւարին ծայրը։ Երկնքի սիւները կը սարսին Ու անոր յանդիմանութենէն կ’ապշին։ Իր զօրութիւնովը ծովը կը խաղաղեցնէ Ու իր գիտութիւնովը հպարտութիւնը կը զարնէ։ Իր Հոգիովը երկինքը զարդարեց։ Անոր ձեռքը փախչող Վիշապը ստեղծեց։ Ահա ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը, Բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է. Եւ ո՞վ կրնայ իմանալ անոր զօրութեան որոտումը»։ Յոբ դարձեալ իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ. «Իմ իրաւունքս մէկդի դնող Աստուածը Ու հոգիս դառնութեամբ լեցնող Ամենակարողը կենդանի է։ Քանի որ շունչս վրաս է Ու ռնգունքներուս մէջ Աստուծոյ հոգին կայ, Շրթունքներս անիրաւ բան մը պիտի չըսեն Ու լեզուս նենգութիւն պիտի չխօսի։ Քա՛ւ լիցի, որ ձեզ արդարացնեմ։ Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ։ Իմ արդարութիւնս հաստատ բռներ եմ ու զանիկա պիտի չթողում Ու կեանքիս մէջ սիրտս բնաւ պիտի չյանդիմանէ զիս ։ Իմ թշնամիս ամբարշտի պէս պիտի ըլլայ Ու ինծի դէմ ելլողը՝ անզգամի պէս։ Քանզի կեղծաւորին յոյսը ի՞նչ է (թէեւ հարստութիւն ալ դիզած ըլլայ), Երբ Աստուած անոր հոգին առնէ։ Միթէ Աստուած անոր աղաղակը պիտի լսէ՞, Երբ անոր վրայ փորձանք գայ։ Անիկա Ամենակարողին վրայ պիտի ուրախանա՞յ. Ամէն ժամանակ Աստուծոյ պիտի աղաղակէ՞։ Աստուծոյ ձեռքին մէջ եղածը ձեզի պիտի սորվեցնեմ. Ամենակարողին քով եղածը պիտի չծածկեմ։ Ահա դուք ամէնքդ ալ տեսաք Ու ինչո՞ւ այդպէս բոլորովին ունայնացեր էք։ Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը Աստուծոյ առջեւ Ու բռնաւորներուն Ամենակարողէն առնելու ժառանգութիւնը. Եթէ անոր տղաքը շատնան, սուրի համար է Ու անոր սերունդը հացով պիտի չկշտանայ։ Անոր մնացորդները ժանտախտով պիտի թաղուին, Բայց անոր որբեւարիները պիտի չլան։ Թէեւ հողի պէս արծաթ դիզէ Ու տիղմի պէս հանդերձներ պատրաստէ, Անիկա պիտի պատրաստէ, բայց արդարը պիտի հագնի Ու անմեղը արծաթը պիտի բաժնէ։ Իրեն տուն մը կը շինէ սարդի ոստայնի պէս Ու այգիի պահապանին շինած խրճիթին պէս։ Հարուստը կը պառկի ու չ’ամփոփուիր. Աչքերը կը բանայ ու՝ ՝ ոչինչ կ’ըլլայ։ Արհաւիրքը ջուրերու պէս անոր պիտի հասնի։ Գիշերով փոթորիկը պիտի յափշտակէ զանիկա։ Արեւելեան հովը պիտի քշէ զանիկա ու ան պիտի երթայ Ու փոթորիկի պէս զանիկա իր տեղէն պիտի վերցնէ։ Ամենակարողը իր նետերը անոր դէմ պիտի նետէ ու պիտի չխնայէ. Ան ալ պիտի ջանայ անոր ձեռքէն փախչիլ։ Անոր համար ծափ պիտի զարնեն Ու անոր եղած տեղէն անոր դէմ պիտի սուլեն»։ «Արդարեւ արծաթը իր երակը ունի Ու ոսկին իր զտուելու տեղը։ Երկաթը հողէն կ’առնուի, Հանքէն պղինձ կ’ելլէ ։ Մարդը խաւարին վախճան կը դնէ Ու ամէն բան կատարելապէս կը քննէ, Շատ ծածուկ պահուած քարերը՝ որոնք մահուան ստուերին մէջ են։ Իր բնակած տեղին քով փոս կը բանայ. Ոտք չկոխած տեղը կը կախուին Ու մարդոցմէ հեռու կ’երերան։ Երկրէն հաց կ’ելլէ Ու անոր տակ կրակի նման բաներ կը գտնուին։ Անոր քարերը շափիւղաներու տեղ են Ու հոն ոսկիի աւազ կայ։ Յափշտակող թռչունը անոր շաւիղը ճանչցաւ Ու անգղին աչքը զանիկա չտեսաւ։ Վայրենի գազանները՝ ՝ հոն ոտք կոխած չեն, Առիւծը անկէ անցած չէ։ Մարդը իր ձեռքը կ’երկնցնէ ապառաժներուն Ու լեռները հիմէն կը տապալէ։ Ապառաժները ճեղքելով՝ անոնց մէջէն վտակներ կ’անցնէ. Անոր աչքը կը տեսնէ ամէն թանկագին բան։ Գետերը վազելէն կ’արգիլէ Ու գաղտուկ եղածը երեւան կը հանէ։ Բայց իմաստութիւնը ո՞ւր կը գտնուի Ու հանճարին տեղը ո՞ւր է։ Մարդը անոր յարգը չի գիտեր Ու կենդանիներուն երկրին մէջ չի գտնուիր։ Անդունդը կ’ըսէ. ‘Անիկա իմ մէջս չէ’ Ու ծովը կ’ըսէ. ‘Իմ քովս չէ’։ Զուտ ոսկիով ծախու չ’առնուիր Ու անոր արժէքին համար արծաթ չի կշռուիր, Ո՛չ Ոփիրին ոսկիով կը փոխուի, Ո՛չ ալ պատուական եղնգնաքարով ու շափիւղայով։ Ոսկին ու ակնվանին չեն կրնար անոր հաւասարիլ։ Զուտ ոսկիէ ամաններով չեն փոխանակուիր։ Բուստն ու բիւրեղը անոր քով չեն յիշուիր։ Իմաստութեան գինը յակինթներու գին էն աւելի բարձր է։ Եթովպիայի տպազիոնին գինը անոր չի հաւասարիր Ու զուտ ոսկիով չի փոխուիր։ Ուրեմն իմաստութիւնը ուրկէ՞ կու գայ Ու հանճարին տեղը ո՞ւր է։ Բոլոր ապրողներուն աչքերէն ծածկուած Ու երկնքի թռչուններէն պահուած է։ Կորուստն ու մահը կ’ըսեն. ‘Մենք անոր համբաւը մեր ականջներովը լսեր ենք’։ Աստուած կը ճանչնայ անոր ճամբան Ու անոր տեղը ինք գիտէ։ Քանզի մինչեւ երկրի ծայրերը կը դիտէ Ու բոլոր երկնքի տակ եղածը կը տեսնէ։ Երբ հովին կշիռ կը դնէր Ու ջուրերը չափով կը չափէր, Երբ անձրեւին օրէնք Ու որոտումներուն ճամբայ կ’որոշէր, Այն ատեն տեսաւ զանիկա ու յայտնեց Պատրաստեց զանիկա ու նաեւ քննեց Ու մարդուն ըսաւ. ‘Ահա Տէրոջը վախն է իմաստութիւնը Ու չարութենէ ետ քաշուիլը հանճարն է’»։ Յոբ նորէն իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ. «Երանի թէ առաջին ամիսներուն պէս, Աստուծոյ զիս պահած օրերուն պէս ըլլայի, Երբ անոր ճրագը իմ գլխուս վրայ լոյս կու տար Ու ես խաւարի մէջ անոր լոյսովը կը քալէի։ Երիտասարդութեանս օրերը եղածիս պէս՝ Երբ Աստուծոյ մտերմութիւնը իմ վրանիս մէջ էր. Երբ Ամենակարողը տակաւին ինծի հետ էր Ու տղաքս իմ բոլորտիքս էին։ Երբ իմ ճամբաներս կոգիով կը թրջէի Ու ապառաժէն ինծի համար ձէթի հեղեղներ կը վազէին։ Երբ դռնէն քաղաքը կ’ելլէի Ու աթոռս հրապարակին մէջ կը դնէի, Երիտասարդները զիս տեսնելով կը պահուէին Ու ծերերը ոտքի կ’ելլէին, կը կանգնէին, Իշխանները խօսելէն կը դադարէին Ու ձեռքերնին իրենց բերնին վրայ կը դնէին, Ազնուականները ձայներնին կը կտրէին, Անոնց լեզուն իրենց քիմքին կը փակչէր։ Ինծի մտիկ ընող ականջը ‘Երանի՜’ կ’ըսէր ինծի Ու զիս տեսնող աչքը կը վկայէր ինծի համար։ Վասն զի ես աղաղակող աղքատը Եւ որբն ու օգնութիւն չունեցողը կ’ազատէի։ Կորսուելու վրայ եղողին օրհնութիւնը վրաս կու գար Ու որբեւարիին սիրտը կ’ուրախացնէի։ Արդարութիւն կը հագնէի։ Անիկա էր իմ հանդերձս։ Ու ուղղամտութիւնը պատմուճանի ու խոյրի պէս էր։ Կոյրին աչքեր էի Ու կաղին՝ ոտքեր։ Աղքատին հայր էի։ Կը պաշտպանէի իրաւունքը անոր, որ չէի ճանչնար։ Անիրաւին ժանիքը կը կոտրէի Ու անոր ակռաներէն որսը կը խլէի Ու կ’ըսէի. «Բոյնիս մէջ պիտի մեռնիմ Եւ օրերս աւազի պէս պիտի շատցնեմ։ Արմատս դէպի ջուրերը կը տարածուէր Ու ցօղը բոլոր գիշերը ոստերուս վրայ էր։ Փառքս իմ վրաս կը նորոգուէր Ու աղեղս ձեռքիս մէջ կ’ուժովնար»։ Մարդիկ ինծի մտիկ կ’ընէին ու կը սպասէին։ Երբ իմ խորհուրդս յայտնէի՝ լուռ կը կենային։ Իմ խօսելէս յետոյ անոնք ա՛լ չէին խօսիր։ Ու իմ խօսքս անոնց վրայ կը կաթէր։ Անձրեւի սպասելու պէս ինծի կը սպասէին Ու վերջին անձրեւին փափաքելու պէս բերաննին կը բանային։ Եթէ անոնց վրայ խնդայի՝ չէին հաւատար Ու երեսիս լոյսը չէին կրնար արհամարհել։ Անոնց ճամբաները ընտրելով՝ իբր իշխան կը նստէի Եւ իր զօրքին մէջ եղող թագաւորի մը պէս Ու սգաւորներուն՝ մխիթարիչի մը պէս կը բնակէի։ «Բայց հիմա տարիքով ինծմէ պզտիկ եղողները զիս կը ծաղրեն, Որոնց հայրերը հօտերուս շուներուն հետ դնելու չէի հաճիր. Անոնց ձեռքերուն ոյժը ինծի ի՞նչ օգուտ ունէր, Անոնց առուգութիւնը կորսուած էր։ Չքաւորութենէ ու անօթութենէ նիհարցեր էին։ Դէպի անապատը՝ մթին, աւերակ ու վայրի տեղերը կը փախչէին։ Կերակուրի համար մացառներուն քովի մոլոշները կը քաղէին Ու գիհիի արմատ կը հաւաքէին ։ Մարդոց մէջէն կը վռնտուէին։ Անոնց ետեւէն գողի ետեւէ պոռալու պէս կը պոռային։ Սոսկալի ձորերու մէջ կը բնակէին, Հողի ու ապառաժներու ծակտիքներու մէջ։ Մացառներու մէջ կը կանչուըռտէին, Եղիճներու տակ կը հաւաքուէին։ Յիմար ու աննշան մարդոց զաւակներ ըլլալով՝ Երկրէն կը վռնտուէին։ Ու հիմա ես անոնց խաղը՝ Նաեւ անոնց ծաղրանքի առարկան եղեր եմ։ Ինծմէ գարշելով կը հեռանան քովէս։ Երեսս թքնելէ չեն քաշուիր։ Քանի որ Աստուած իմ կապս թուլցնելով՝ զիս խոնարհեցուց։ Անոնք իմ ներկայութեանս երասանակը կը թողուն։ Աջ կողմէս լակոտներ կ’ելլեն, Անոնք ոտքերս յառաջ կը հրեն Ու ինծի դէմ իրենց կորստեան ճամբաներ կը պատրաստեն։ Անոնք շաւիղներս կ’աւրեն, վիշտս կ’աւելցնեն Ու անոնց դէմ ինծի օգնութիւն ընող մը չկայ՝ ՝ Լայն խրամատէ մը գալու պէս կը յարձակին, Աւերակներու տակէն վրաս կը դիմեն։ Արհաւիրքները իմ վրաս դարձան Ու հովի պէս իմ պատիւս կը հալածեն Ու ազատութիւնս ամպի պէս անցաւ։ Հիմա հոգիս իմ ներսիդիս կը հալի, Տրտմութեան օրերը զիս պաշարեցին։ Իմ ցաւս գիշերը ոսկորներս ծակեց Ու ջիղերս հանգստութիւն չունեցան։ Իր մեծ զօրութիւնովը իմ հանդերձս փոխեց Ու իմ պատմուճանիս օձիքին պէս պատեց զիս։ Զիս ցեխի մէջ նետեց, Ես հողի ու մոխիրի նմանեցայ։ Ես քեզի կ’աղաղակեմ ու ինծի պատասխան չես տար. Կը կանգնիմ ու դուն ինծի ուշադրութիւն չես ըներ՝ ՝։ Դուն ինծի հանդէպ անգութ եղար, Ձեռքիդ զօրութիւնովը թշնամիի պէս կը վարուիս ինծի հետ Զիս վերցնելով հովին վրայ կը հեծցնես Ու զիս մրրիկով կը հատցնես։ Ստոյգ գիտեմ թէ զիս մահուան պիտի տանիս, Բոլոր ապրողներուն համար սահմանուած տունը։ Անիկա աւերմունքին վրայ ձեռք պիտի չերկնցնէ, Եթէ կորստեան ատեն անոր աղաչեն՝ ՝։ Դժբաղդութեան մէջ եղողին համար չէի՞ լար. Աղքատին համար հոգիս չէ՞ր նեղանար։ Բայց երբ ես բարիք կը յուսայի՝ չարիքը հասաւ Ու երբ լոյսին կը սպասէի՝ խաւարը եկաւ։ Փորոտիքս եռաց ու չհանդարտեցաւ։ Թշուառութեանս օրերը ինծի հասան։ Սեւցած պտըտեցայ, բայց՝ ոչ արեւէն։ Ելայ ու ժողովուրդին մէջ աղաղակեցի։ Չագալներուն՝ եղբայր, Ջայլամներուն ընկեր եղայ։ Մորթս վրաս սեւցաւ, Ոսկորներս տաքութենէն այրեցան։ Ատոր համար իմ քնարս սուգի փոխուեցաւ Ու իմ սրինգս՝ լալկաններու ձայնի»։ «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի. Ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ։ Քանզի վերէն՝ Աստուծմէ՝ ի՞նչ բաժին պիտի տրուի ինծի Ու բարձր տեղերէն, Ամենակարողէն՝ ի՞նչ ժառանգութիւն։ Կորուստը ամբարշտին համար սահմանուած չէ՞ Ու սոսկալի պատիժը ՝ անօրէնութիւն գործողներուն համար։ Միթէ Անիկա իմ ճամբաներս չի՞ տեսներ Ու ամէն քայլերս չի՞ համրեր։ Եթէ ստութեան մէջ քալեցի, Կամ իմ ոտքս նենգութեան արտորաց, Թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքով Ու Աստուած իմ անմեղութիւնս գիտնայ։ Եթէ ոտքս ճամբայէն խոտորեցաւ Ու սիրտս աչքերուս ետեւէն գնաց Ու ձեռքերուս արատ մը փակաւ, Թող ես սերմանեմ եւ ուրիշը ուտէ Ու բուսցուցածս արմատէն թող փրցուի։ Եթէ սիրտս կնոջ մը ետեւէն մոլորեցաւ, Կամ թէ դրացիիս դուռը դարանամուտ եղայ, Իմ կինս ուրիշի մը համար աղօրիքի քար թող դարձնէ Եւ ուրիշները անոր վրայ թող ծռին։ Վասն զի այս պղծագործութիւն է Ու դատաւորներէն դատուելու անօրէնութիւն։ Լափող կրակ մըն է, որ պիտի վառի մինչեւ զիս կորսնցնէ Ու բոլոր արդիւնքս արմատէն խլէ։ Եթէ ծառայիս կամ աղախինիս իրաւունք ունել չուզեցի Ու ինծի հետ վեճ ունեցան, Ես ի՞նչ պիտի ընեմ, երբ Աստուած ելլէ Ու երբ քննէ ի՞նչ պատասխան պիտի տամ անոր։ Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց։ Մէկ չէ՞ մեզ ամէնքս ալ արգանդի մէջ ձեւակերպողը։ Եթէ աղքատին խնդրածը չտուի Ու որբեւարիին աչքերը մարեցուցի, Եթէ պատառս մինակ կերայ Ու անկէ որբն ալ չկերաւ, (Վասն զի երիտասարդութենէս ի վեր հօր պէս մեծցուցի զանիկա Ու մօրս արգանդէն անոր խնամք տարի), Եթէ հանդերձ չունեցող մը՝ կորսուելու վրայ, Կամ ծածկոց չունեցող չքաւոր մը տեսայ Ու եթէ անոր երանքը չօրհնեցին զիս Ու իմ ոչխարներուս բուրդէն չտաքցան, Եթէ ձեռքս որբին դէմ վերցուցի, Երբ տեսայ թէ դրանը մէջ ինծի օգնականներ կան, Թող իմ անրակս ուսէս իյնայ Ու բազուկս արմուկէս կտրուի։ Քանի որ Աստուծոյ դատաստանէն կը վախնայի Ու անոր մեծափառութեանը առջեւ չէի կրնար կենալ ։ Եթէ յոյսս ոսկիի վրայ դրի, Զուտ ոսկիին ըսի թէ՝ ‘Իմ վստահութիւնս դուն ես ’. Եթէ ստացուածքս շատ ըլլալուն համար Ու ձեռքս շատ ստանալուն համար ուրախացայ, Եթէ արեւին նայեցայ՝ անոր խիստ փայլուն եղած ատենը, Կամ պայծառութեամբ քալող լուսնին Ու սիրտս գաղտնօրէն հրապուրուեցաւ Ու բերանս ձեռքս համբուրեց (Որ այս ալ պատիժի արժանի անօրէնութիւն մըն է, Քանի որ վերը բնակող Աստուածը խաբած կ’ըլլայի), Եթէ զիս ատողին թշուառութեանը վրայ ուրախացայ, Կամ անոր փորձանքի հանդիպելուն ատեն խնդացի ( Լեզուիս ալ թողուցի, որ մեղք գործէ՝ Անէծքով անոր մեռնիլը ուզելով), Եթէ վրանիս մարդիկը չըսին՝ ‘ Ո՞վ անոր միսէն չէ կշտացած՝ ՝’ (Հիւրը երբեք գիշերը դուրսը չէր մնար, Ճանապարհորդին դուռս կը բանայի). Եթէ յանցանքներս Ադամին պէս ծածկեցի Ու անօրէնութիւնս ծոցիս մէջ պահեցի, Շատ բազմութենէ վախնալով Ու ազգերուն անարգութիւնը զիս վախցնելով, Ա՛լ չխօսիմ ու դռնէն չելլեմ։ Երանի՜ թէ ինծի ականջ դնող մը ըլլար (Ահա այս է իմ փափաքս, որ Ամենակարողը ինծի պատասխան տայ) Ու իմ ոսոխիս ամբաստանագիր մը գրէր։ Անշուշտ զանիկա իմ ուսիս վրայ պիտի կրէի Ու պսակի պէս ինծի պիտի կապէի. Քայլերուս համրանքը անոր պիտի ըսէի, Իշխանի պէս պիտի մօտենայի անոր։ Եթէ իմ երկիրս ինծի դէմ բողոքէ Ու անոր ակօսները լան, Եթէ անոր արդիւնքը առանց ստակի կերայ, Կամ անոր տէրերուն հոգին հանեցի, Ցորենին տեղ՝ փուշ Ու գարիին տեղ որոմ թող բուսցնէ»։ Յոբին խօսքերը լմնցան։ Այն ատեն այս երեք մարդիկը Յոբին պատասխան տալէն դադրեցան, վասն զի անիկա իր աչքերուն առջեւ արդար կ’երեւնար ։ Եւ Արամին ազգատոհմէն Բուզացի Բարաքիէլին որդիին Եղիուսին բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Անոր բարկութիւնը Յոբին դէմ բորբոքեցաւ, վասն զի Աստուծմէ աւելի ինքզինք կ’արդարացնէր։ Նաեւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ անոր երեք բարեկամներուն դէմ, որովհետեւ պատասխան չգտան, թէեւ Յոբը յանցաւոր հանեցին։ Եղիուս Յոբին խօսքերուն լմննալուն սպասեր էր, որովհետեւ անոնք իրմէ ծեր էին։ Բայց երբ Եղիուս տեսաւ թէ այն երեք մարդոց բերանը ա՛լ պատասխան չմնաց, իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Այն ատեն Բուզացի Բարաքիէլին որդին Եղիուս պատասխանեց. «Ես տարիքով փոքր եմ ու դուք աւելի ծեր էք, Անոր համար ետ կեցայ ու կարծիքս ձեզի յայտնելու վախցայ. Ըսի թէ՝ ‘ Երկար կեանքը՝ ՝ թող խօսի Ու տարիներուն շատութիւնը թող իմաստութիւնը գիտցնէ’, Բայց մարդուն ներսիդին հոգի կայ Ու Ամենակարողին շունչը անոնց իմանալու կարողութիւն կու տայ։ Միշտ մեծերը իմաստուն չեն ըլլար Ու ծերերը շիտակը չեն հասկնար։ Անոր համար ըսի. ‘Ինծի մտիկ ըրէք’, Որպէս զի ես ալ իմ գիտցածս ըսեմ’։ Ահա ես ձեր խօսքերուն սպասեցի, Ձեր փաստերուն ականջ դրի, Մինչեւ որ անոր խօսքերը քննեցիք։ Ես ձեզի աղէկ ուշադրութիւն ըրի Եւ ձեզմէ մէկը չկար, որ Յոբը յանդիմանէր Ու անոր խօսքերուն պատասխան տար։ Չըլլայ որ ըսէք՝ ‘Իմաստութիւն գտանք. Աստուած է որ անոր կրնայ յաղթել եւ ո՛չ թէ մարդը’։ Անիկա իր խօսքերը ինծի դէմ չպատրաստեց, Ես ալ ձեր խօսքերուն համեմատ անոր պատասխան պիտի չտամ։ Անոնք ապշեցան, ա՛լ պատասխան չտուին, Անոնց խօսքերը հատան Ու ես սպասեցի, մինչեւ որ ա՛լ բան մը չըսին, Մունչ կեցան ու ա՛լ չկրկնեցին։ Ես ալ իմ կարգիս պատասխան տամ, Ես ալ իմ կարծիքս յայտնեմ։ Վասն զի խօսքերով լեցուն եմ, Իմ ներսիդիս եղած հոգին զիս կը ստիպէ։ Ահա որովայնս չբացուած գինիի պէս է, Նոր տիկերու պէս պատռելու վրայ է։ Պէտք է խօսիմ, որպէս զի շունչ առնեմ, Շրթունքներս բանամ ու պատասխան տամ։ Աղէ՜, մէկո՛ւն աչառութիւն պիտի չընեմ Ու մարդո՛ւ մը շողոքորթութիւն պիտի չընեմ. Քանզի չեմ գիտեր շողոքորթութիւն ընել. Զիս Ստեղծողը շուտով զիս պիտի վերջացնէր»։ «Բայց, աղէ՜, ո՛վ Յոբ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ, Բոլոր ըսածներուս ականջ դիր։ Ահա հիմա բերանս կը բանամ Ու լեզուս բերնիս մէջ կը խօսի։ Խօսքերս սրտիս ուղղութեանը պէս պիտի ըլլան Ու շրթունքներս զուտ իմաստութիւն պիտի խօսին։ Զիս Աստուծոյ Հոգին ստեղծեց Ու Ամենակարողին շունչը ինծի կեանք տուաւ։ Եթէ կրնաս, պատասխան տուր ինծի, Պատրաստուելով առջեւս կեցիր։ Ահա ես քու ըսածիդ համեմատ Աստուծոյ համար կը կենամ, Ես ալ հողէն ստեղծուեցայ։ Ահա իմ երկիւղս քեզ պիտի չզարհուրեցնէ Ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չծանրանայ։ Արդարեւ ականջիս ըսիր Ու խօսքերուդ ձայնը լսեցի, որ ըսիր. ‘Ես մաքուր եմ ու առանց յանցանքի. Ես անարատ եմ ու իմ վրաս անօրէնութիւն չկայ. Ահա անիկա ատելութեան պատճառանք կը գտնէ Զիս իրեն թշնամի կը սեպէ. Ոտքերս կոճղերու մէջ կը դնէ, Իմ բոլոր շաւիղներս կը դիտէ’։ Ահա քեզի պատասխան կու տամ, որ այս բանին մէջ իրաւունք չունիս, Վասն զի Աստուած մարդէն մեծ է։ Անոր հետ ինչո՞ւ կը վիճիս, Որովհետեւ անիկա բնաւ իր ըրածներուն հաշիւը չի տար։ Յիրաւի Աստուած մէկ անգամ կամ երկու անգամ կը խօսի ( Թէեւ մարդը ուշադրութիւն չ’ըներ), Երազի մէջ, գիշերուան տեսիլքի մէջ, Երբ խորունկ քուն մը կ’իյնայ մարդոց վրայ, Երբ անոնք իրենց անկողիններուն մէջ կը քնանան։ Այն ատեն մարդոց ականջները կը բանայ Ու իր խրատով կը զգուշացնէ, Որպէս զի մարդը գէշ գործէ դարձնէ Ու մարդէն հպարտութիւնը արգիլէ։ Անոր հոգին գերեզմանէն կը պահէ Ու կեանքը՝ որպէս զի սրով չմեռնի։ Նաեւ մարդը իր անկողնին մէջ ցաւով կը պատժուի Եւ իր բոլոր ոսկորները՝ սաստիկ ցաւով ։ Այն ատեն անոր անձը հացէն կը զզուի Եւ անոր հոգին՝ փափաքելի կերակուրէն։ Անոր մարմինը այնպէս կը հալի, որ ալ չ’երեւնայ Ու անոր չերեւցած ոսկորները դուրս կ’ելլեն։ Անոր անձը գերեզմանին կը մօտենայ Ու անոր կեանքը՝ կորուստի։ Եթէ անոր քով միջնորդ պատգամաւոր մը ըլլայ, Հազարէն մէկը, Որ անոր ուղղութիւնը մարդուն իմացնէ, Այն ատեն անոր ողորմելով պիտի ըսէ. ‘Ազատէ զանիկա, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ։ Ես քաւութիւն մը գտայ։ Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ Ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ’։ Աստուծոյ պիտի աղաղակէ ու Աստուած զանիկա պիտի ընդունի Ու անոր երեսը ուրախութեամբ պիտի տեսնէ. Քանզի Անիկա պիտի հատուցանէ մարդուն՝ անոր արդարութեանը համեմատ։ Անիկա մարդոց վրայ կը նայի Ու եթէ մէկը ըսէ՝ ‘Մեղք գործեցի ու իրաւունքը աւրեցի Ու ասիկա ինծի օգտակար չեղաւ, Աստուած իմ հոգիս ազատեց, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ. Այլ իմ կեանքս լոյսը տեսնէ’։ Ահա Աստուած այս բոլոր բաները Երկու երեք անգամ մարդուն կ’ընէ, Որպէս զի անոր հոգին գերեզմանէն դարձնէ, Որպէս զի ապրողներուն լոյսովը լուսաւորուի։ Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յոբ, ինծի մտիկ ըրէ, Լուռ կեցիր, որպէս զի ես խօսիմ։ Եթէ ըսելիք ունիս՝ ինծի պատասխան տուր. Ըսէ, վասն զի քեզ արդարացնել կը փափաքիմ։ Եթէ ոչ՝ ինծի՛ մտիկ ըրէ, Լո՛ւռ կեցիր, որպէս զի ես քեզի իմաստութիւն սորվեցնեմ»։ Այն ատեն Եղիուս իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ իմաստուններ, իմ խօսքերուս մտիկ ըրէք Եւ դո՛ւք, ո՛վ գիտուններ, ինծի ականջ դրէք։ Քանզի ականջը խօսքերը կ’որոշէ, Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։ Իրաւունքը մեզի ընտրենք, Մեր մէջ գիտնանք թէ ո՞ր բանը աղէկ է։ Որովհետեւ Յոբ ըսաւ. ‘Ես արդար եմ, Բայց Աստուած իմ իրաւունքս մէկդի ձգեց։ Միթէ իմ իրաւունքս սո՞ւտ պիտի հանեմ. Իմ վէրքս մահաբեր է, թէեւ յանցանք չունիմ’։ Յոբի պէս մարդ ո՞վ կայ, Որ հայհոյութիւնը ջուրի պէս խմէ. Որ անօրէնութիւն գործողներուն հետ ընկերութեամբ պտըտի Ու ամբարիշտ մարդոց հետ քալէ. Վասն զի ըսաւ. ‘Աստուծոյ հաճոյ ըլլալէն մարդուս օգուտ մը չկայ’։ Ասոր համար ինծի մտիկ ըրէք, ո՛վ իմաստուններ, Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն Ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ։ Որովհետեւ Անիկա մարդուն ըրածին համեմատ կը հատուցանէ Ու ամէն մարդու՝ իր ճամբուն համեմատ գտնել կու տայ։ Արդարեւ Աստուած անօրէնութիւն չ’ըներ Ու Ամենակարողը դատը չի ծռեր։ Երկիրը ո՞վ յանձնեց անոր Ու բոլոր աշխարհը ո՞վ կարգի դրաւ։ Եթէ իր սիրտը այսպէս ուզելու ըլլայ՝ ՝, Մարդուս հոգին ու շունչը իրեն կը հաւաքէ։ Այն ատեն ամէն մարմին մէկէն կը մեռնի Ու մարդը հող կը դառնայ։ Հիմա եթէ հասկացողութիւն ունիս ՝ ասոր մտիկ ըրէ. Խօսքերուս ձայնին ակա՛նջ դիր։ Միթէ արդարութիւնը ատողը կրնա՞յ իշխել, Կամ արդար Հզօրը յանցաւոր կրնա՞ս հանել։ Ան՝ որ թագաւորին կ’ըսէ՝ ‘Եղեռնագործ ես’ Ու ազնուականներուն՝ թէ ‘Չար մարդիկ էք ’. Ան՝ որ իշխաններուն աչառութիւն չ’ըներ Ու հարուստը աղքատէն աւելի չի խնամեր, Որովհետեւ անոնք բոլորն ալ իր ձեռքերուն գործերն են, Մէկ վայրկեանի մէջ պիտի մեռնին։ Կէս գիշերին ժողովուրդը խռովութեան մէջ իյնալով՝ պիտի անցնին Ու զօրեղները պիտի վերցուին՝ առանց մէկուն ձեռքը անոնց դպչելուն ։ Վասն զի Անոր աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են Ու մարդուն բոլոր քայլերը կը տեսնեն։ Ո՛չ խաւար կայ եւ ո՛չ մահուան շուք՝ Որ անօրէնութիւն գործողները հոն պահուըտին։ Վասն զի մարդուս վրայ երկար քննութիւն չ’ըներ՝ ՝. Երբ անիկա Աստուծոյ առջեւ դատաստանի երթայ։ Անիմանալի կերպով ՝ ՝ զօրաւորները կը կոտրէ Ու անոնց տեղը ուրիշներ կը հաստատէ։ Քանզի անոնց գործերը գիտէ Ու զանոնք գիշերով տակնուվրայ կ’ընէ ու կը խորտակուին։ Անոնց ամբարիշտ ըլլալուն համար՝ Ամենուն առջեւ՝ ՝ զանոնք կը զարնէ։ Որովհետեւ անոր չհետեւեցան Ու անոր ճամբաները բնաւ չճանչցան. Այնպէս որ աղքատին աղաղակը անոր հասցուցին Ու անիկա զրկեալներուն աղաղակը լսեց։ Եթէ անիկա հանգստութիւն տայ, Ո՞վ կրնայ նեղութիւն տալ։ Ու եթէ անիկա երեսը պահէ, Ո՞վ կրնայ զանիկա տեսնել Ու այսպէս է թէ՛ ազգի մը եւ թէ՛ մարդու մը։ Որպէս զի կեղծաւոր մարդը չթագաւորէ Ու ժողովուրդին որոգայթ չըլլայ։ Արդարեւ պէտք է Աստուծոյ ըսել՝ ‘ Պատիժ կրեցի, ա՛լ չարութիւն չեմ ըներ. Ինծի ցուցուր ինչ որ չեմ տեսներ. Եթէ ամբարշտութիւն գործեցի, ա՛լ չեմ գործեր’։ Արդեօք քու ուզածի՞դ պէս պիտի հատուցանէ, որ հակառակ կը կենաս. Քանզի դո՛ւն ընտրելու ես, ո՛չ թէ ես. Ուրեմն ինչ որ գիտես, խօսէ՛։ Իմաստունները պիտի ըսեն ինծի հետ (Ու գիտուն մարդը, որ ինծի մտիկ կ’ընէ)՝ ‘Յոբ խելացութիւնով չխօսեցաւ Ու անոր խօսքերը իմաստութեամբ չեն’։ Իմ փափաքս այս է, որ Յոբ մինչեւ վերջը փորձուի. Վասն զի ամբարիշտներու պէս պատասխաններ տուաւ։ Քանզի իր մեղքին վրայ ապստամբութիւն կ’աւելցնէ, Մեր մէջ ծափ կը զարնէ Ու Աստուծոյ դէմ իր խօսքերը կը շատցնէ»։ Դարձեալ Եղիուս իր խօսքերը շարունակելով՝ ըսաւ. «Արդեօք կը կարծես թէ ասիկա շիտա՞կ է, Երբ ըսիր թէ ‘Ես Աստուծոյ առջեւ արդար եմ’։ Քանզի դուն ըսիր՝ ‘Քեզի ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ. Մեղքէս աւելի ի՞նչ կը վաստկիմ’։ Ահա ես քեզի պատասխան կու տամ, Նաեւ քեզի հետ քու բարեկամներուդ Երկինք նայէ՛ ու տե՛ս. Ամպերը դիտէ՛, որոնք քեզմէ աւելի բարձր են։ Եթէ դուն մեղք գործես, Անոր դէմ ի՞նչ ըրած կ’ըլլաս Ու երբ քու անօրէնութիւններդ շատնան, Անոր ի՞նչ կ’ընես։ Եթէ արդար ես՝ Անոր ի՞նչ կու տաս, Կամ անիկա քու ձեռքէդ ի՞նչ կ’առնէ։ Քու ամբարշտութիւնդ քեզի պէս մարդուն Ու արդարութիւնդ մարդու որդիին օգուտ չունին։ Անիրաւութիւններուն շատութենէն կը բողոքեն, Բռնաւորներուն բազուկին համար կ’աղաղակեն։ Բայց մէ՛կը չ’ըսեր թէ ‘Զիս ստեղծող Աստուածը ո՞ւր է, Ան որ գիշերուան մէջ երգեր կու տայ, Ան որ մեզ՝ երկրի անասուններէն աւելի գիտուն Ու երկնքի թռչուններէն աւելի իմաստուն կ’ընէ’։ Հոն չարերուն հպարտութեանը համար կ’աղաղակեն, Բայց Աստուած պատասխան չի տար՝ ՝։ Արդարեւ Աստուած ունայնութեան մտիկ չ’ըներ Ու Ամենակարողը անոր չի նայիր։ Ու թէեւ կ’ըսես թէ զանիկա չես տեսներ, Բայց հարցը անոր առջեւն է, ուստի անոր յուսա։ Հիմա իր բարկութեան ըրածը բան մը չէ Ու անօրէնութիւնը նկատի առած չէ։ Ուստի Յոբ իր բերանը զուր տեղը բանալով՝ Առանց գիտութեան խօսքեր կը շատցնէ»։ Ու Եղիուս շարունակելով՝ ըսաւ. «Քիչ մը համբերէ ինծի ու ես քեզի յայտնեմ, Թէ Աստուծոյ համար ուրիշ խօսելիք ալ ունիմ ։ Գիտութիւնս հեռուէն պիտի առնեմ Ու արդարութիւնը Ստեղծողիս ընծայեմ։ Իրաւցընէ իմ խօսքերս սուտ չեն։ Գիտութեամբ կատարեալ մէկը քու քովդ է։ Ահա Աստուած հզօր է, բայց մէ՛կը չ’արհամարհեր, Անիկա հզօր է իր սրտին զօրութիւնովը։ Անիկա ամբարիշտը չ’ապրեցներ Ու նեղեալներուն իրաւունք կ’ընէ. Արդարներուն վրայէն աչքերը չի վերցներ Ու զանոնք թագաւորներուն հետ աթոռի վրայ կը դնէ ։ Զանոնք յաւիտեան կը նստեցնէ ու կը բարձրանան։ Անոնք եթէ շղթաներով կապուելով Թշուառութեան կապերուն մէջ բռնուին, Այն ատեն անոնց կը յայտնէ իրենց գործերը Ու իրենց յանցանքներուն շատնալը։ Նաեւ անոնց ականջը կը բանայ, որպէս զի խրատ ընդունին Եւ անոնց կը պատուիրէ, որ անօրէնութենէ դառնան։ Եթէ անոնք հնազանդելով՝ անոր ծառայութիւն ընեն, Իրենց օրերը բարութիւնով եւ տարիները ուրախութիւնով պիտի անցընեն։ Բայց եթէ անոնք չհնազանդին, սուրէ պիտի անցնին Ու առանց գիտութեան պիտի մեռնին։ Անոնք որ սրտով կեղծաւոր են, իրենց վրայ բարկութիւն կը դիզեն. Երբ զանոնք կապէ, անոր չեն աղաղակեր։ Անոնց անձը երիտասարդութեան մէջ պիտի մեռնի Ու անոնց կեանքը պիղծերուն մէջ պիտի վախճանի ։ Աղքատը կ’ազատէ իր թշուառութեանը ատենը Ու նեղութեան մէջ անոր ականջը կը բանայ։ Քեզ ալ նեղութենէ պիտի ազատէր Ու այնպիսի ընդարձակութեան բերէր, ուր նեղութիւն չկայ Ու քու սեղանդ դրուածը պարարտութեամբ լեցուն պիտի ըլլար։ Բայց եթէ դուն չարին դատը պաշտպանեցիր, Իրաւունքն ու դատաստանը քեզ պիտի բռնեն։ Որովհետեւ բարկութիւն կայ, չըլլայ որ հարուածով մը քեզ վերցնէ. Այն ատեն մեծ փրկանքը քեզ չի կրնար ազատել։ Միթէ անիկա քու հարստութիւնդ բանի մը տեղ կը դնէ՞. Ո՛չ ոսկին ու ո՛չ մեծ գանձերը բան մը կը համարէ ։ Մի՛ փափաքիր այն գիշերուան, Որուն մէջ ժողովուրդները իրենց տեղէն աներեւոյթ կ’ըլլան՝ ՝։ Զգուշացիր անօրէնութեան դառնալէ. Վասն զի դուն ասիկա թշուառութենէ աւելի նախընտրեցիր։ Ահա Աստուած իր զօրութիւնովը բարձրացած է՝ ՝. Ո՞վ կրնայ անոր պէս սորվեցնել։ Անոր քալելու ճամբան ո՞վ որոշեց Եւ ո՞վ ըսաւ անոր թէ՝ ‘Դուն անիրաւութիւն գործեցիր’։ Միտքդ պահէ որ մեծարես անոր գործերը, Որոնք մարդիկ կը տեսնեն։ Ամէն մարդ կը տեսնէ զանոնք, Իւրաքանչիւր ոք հեռուէն կը դիտէ։ Ահա Աստուած մեծ է ու մենք չենք գիտեր Եւ անոր տարիներուն համրանքը անքննելի է։ Վասն զի ջուրերուն կաթիլները կը քաշէ, Որոնք իր գոլորշիէն անձրեւ կը թափեն, Որ ամպերը վազցնելով Մարդոց վրայ առատօրէն կը կաթեցնեն։ Բայց ոեւէ մէկը ամպերուն տարածուիլը Ու անոր վրանին գոռումը կրնա՞յ հասկնալ։ Ահա անոր վրայ իր լոյսը կը տարածէ Ու ծովուն խորութիւնը կը ծածկէ։ Ժողովուրդները այս բաներով կը դատէ Ու առատօրէն կերակուր կու տայ։ Ափովը կայծակը կը ծածկէ Ու կը հրամայէ որ նշանակէտին զարնէ։ Անոր կը ցուցնէ իր բարեկամը. Անօրէնութեան դէմ բարկութիւն կը դիզուի՝ ՝։ Ասոր համար ալ սիրտս կը դողայ Ու իր տեղէն կ’երերայ։ Անոր ձայնին որոտումին Ու անոր բերնէն ելած շառաչիւնին մտիկ ըրէ՛ք։ Բոլոր երկնքի տակ կը ղրկէ զանիկա Ու անոր լոյսը՝ մինչեւ երկրին ծայրերը։ Անոր ետեւէն մեծ ձայն մը կ’ելլէ, Իր վեհափառութեան ձայնովը կ’որոտայ Ու իր ձայնը լսուելէն յետոյ չ’ուշացներ։ Աստուած իր ձայնովը սքանչելի կերպով կ’որոտայ Ու այնպիսի մեծ բաներ կը հանէ, որոնք մենք չենք կրնար հասկնալ։ Վասն զի անիկա կ’ըսէ ձիւնին. ‘Երկրի վրայ իջիր’։ Նաեւ սաստիկ անձրեւին ու իր զօրութեանը սաստիկ անձրեւներուն։ Անիկա ամէն մարդու ձեռքը կը կնքէ, Որպէս զի իր ստեղծած բոլոր մարդիկը հասկնան։ Գազանները որջերնին կը մտնեն Ու քարայրներու մէջ կը բնակին։ Հարաւէն փոթորիկ կու գայ Ու հիւսիսէն՝ ցուրտ։ Աստուծոյ շունչէն սառնամանիք կը տրուի Ու ջուրերուն լայնութիւնը կը նեղնայ։ Խիտ ամպերը խոնաւութեամբ կը լեցնէ, Իր փայլակը ամպերը կը ցրուէ։ Անոր խորհրդովը տեղէ տեղ կը փոխադրուին, Որպէս զի աշխարհի երեսը՝ երկրի վրայ անոր բոլոր հրամանները կատարեն։ Զանոնք կը բերէ՝ թէ՛ խրատի համար, Թէ՛ իր երկրին համար եւ թէ՛ շնորհքի համար։ Ո՛վ Յոբ, այս ըսածիս մտիկ ըրէ՛. Կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն վրայ մտածէ՛։ Գիտե՞ս թէ Աստուած ի՛նչպէս կը կարգաւորէ զանոնք Եւ իր ամպէն լոյս կը փայլեցնէ։ Գիտե՞ս ամպերուն հաւասարակշռութիւնը Ու իմաստութեամբ կատարեալ եղողին սքանչելիքները։ Երկիրը հարաւային հովէն հանգստացուցած ժամանակը, Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ համար քու հանդերձներդ կը տաքնան։ Անոր հետ մէկտե՞ղ տարածեցիր երկինքը, Որ ամուր է թափծու հայելիի պէս։ Սորվեցուր մեզի թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոր. Վասն զի մթութեան պատճառով չենք կրնար մեր խօսքը կարգադրել։ Եթէ ես խօսելու ըլլամ, պիտի պատմուի՞ անոր, Եթէ մէկ խօսի, անշուշտ պիտի կլլուի՞։ Ու հիմա ալ չեն կրնար նայիլ, երբ երկինք կը փայլատակէ, Բայց հովը կ’անցնի ու զանիկա կը սրբէ։ Ահա հիւսիսէն ոսկիի պէս լոյս կու գայ։ Աստուած ահաւոր փառաբանութիւն հագած է։ Անիկա ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա. Մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով ու արդարութեամբ Ու մէկո՛ւն զրկանք չ’ըներ՝ ՝։ Անոր համար մարդիկ կը վախնան անկէ. Սրտով իմաստուններուն բնաւ չի նայիր՝ ՝»։ Այն ատեն Եհովա փոթորիկին մէջէն պատասխան տալով Յոբին՝ ըսաւ. «Ո՞վ է ատիկա, որ անիմաստ խօսքերով Խորհուրդը կը նսեմացնէ։ Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛. Քեզի հարցնեմ եւ քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։ Ո՞ւր էիր դուն՝ երբ ես երկրին հիմերը կը դնէի. Ըսէ՛ ինծի՝ եթէ իմաստութիւն ունիս։ Եթէ գիտես՝ ըսէ՛ ո՞վ դրաւ անոր չափերը, Կամ թէ անոր վրայ լարը ո՞վ քաշեց։ Անոր հիմերը ինչի՞ վրայ հաստատուած են, Կամ թէ անոր անկիւնին քարը ո՞վ դրաւ, Երբ առաւօտեան աստղերը մէկտեղ փառաբանութիւն կ’ընէին Ու երբ Աստուծոյ բոլոր որդիները ցնծութեամբ կ’աղաղակէին։ Նաեւ ծովը՝ որովայնէն յարձակելով ելած ժամանակը՝ Ո՞վ գոցեց զանիկա դռներով, Երբ ամպը անոր հանդերձ դրի Ու մէգը՝ խանձարուր Եւ անոր վրայ իմ հրամաններս հաստատելով՝ Անոր փականք ու դռներ դրի Ու ըսի անոր. ‘Մինչեւ հոս եկուր ու անդին մի՛ անցնիր Եւ քու ալիքներուդ հպարտութիւնը հոս թող դադարի’։ Կեանքիդ մէջ երբեք առաւօտեան հրաման ըրի՞ր, Արշալոյսին իր ծագելու տեղը ցուցուցի՞ր, Որպէս զի երկրի ծայրերը բռնէ Ու չարագործները անկէ թօթուուին։ Երկիր նոր ձեւ մը կառնէ կնքուած կաւի պէս Եւ ամէն բան հանդերձով զարդարուածի՝ ՝ պէս կ’երեւնայ։ Սակայն ամբարիշտներէն կ’արգիլուի իրենց լոյսը Ու բարձրացած բազուկը կը խորտակուի։ Ծովուն աղբիւրները մտե՞ր ես Ու անդունդին ծածուկ տեղերը պտըտե՞ր ես։ Մահուան դռները յայտնուեցա՞ն քեզի Ու մահուան շուքին դռները տեսա՞ր։ Երկրի լայնութեանը խելքդ հասա՞ւ։ Եթէ ամէնը գիտես՝ ըսէ՛։ Լոյսին բնակարանը ո՞ւր է, Ու խաւարին տեղը ո՞ւր է, Որ զանիկա առնես իր սահմանը տանիս Ու անոր տանը ճամբաները իմանաս։ Դուն այն ատեն ծնած ըլլալո՞ւդ համար Ու քու օրերուդ համրանքին շատ ըլլալո՞ւն համար գիտես։ Ձիւնին շտեմարանները մտե՞ր ես Ու կարկուտին գանձերը տեսե՞ր ես, Որոնք ես կը պահեմ նեղութեան ժամանակի Ու կռիւի եւ պատերազմի օրերուն համար։ Ի՞նչ ճամբով լոյսը կը բաժնուի Եւ ի՞նչպէս արեւելեան հովը երկրի վրայ կը տարածուի։ Հեղեղներուն համար՝ անցք Ու որոտումներուն փայլակին համար ճամբայ ո՞վ բացաւ, Որպէս զի անձրեւ տայ այն երկրին, ուր մարդ չկայ, Անապատին՝ ուր մէ՛կը չի բնակիր, Որպէս զի անապատներն ու անշէն տեղերը կշտացնէ Ու կանանչ խոտ բուսցնէ։ Անձրեւը հայր ունի՞, Կամ թէ ո՞վ ծնաւ ցօղին կաթիլները։ Սառը որո՞ւն արգանդէն կ’ելլէ Ու ո՞վ ծնաւ երկնքի եղեամը։ Ջուրերը քարի պէս կ’ըլլան, կը պահուին Ու անդունդին երեսը կը սառի։ Բազմաստեղին կապերը կրնա՞ս կապել. Կամ թէ Հայկին կապերը կրնա՞ս քակել։ Մազարօթը ժամանակին կրնա՞ս հանել Ու Արջին եւ իր զաւակներուն առաջնորդել։ Երկնքի կանոնները գիտե՞ս, Անոր իշխանութիւնը երկրի վրայ կրնա՞ս դնել։ Ձայնդ ամպերուն կրնա՞ս հասցնել, Որպէս զի ջուրերուն շատութիւնը քեզ ծածկէ։ Կայծակները կրնա՞ս ղրկել, որպէս զի երթան Ու քեզի ‘Ահա պատրաստ ենք’, ըսեն։ Երիկամունքներուն մէջ ո՞վ իմաստութիւն դրաւ, Կամ մտքին ո՞վ հանճար տուաւ։ Ո՞վ կրնայ իմաստութիւնով ամպերը համրել Ու երկնքի տիկերը պառկեցնել, Երբ փոշին թրջուելով զանգուած մը ըլլայ Հողին կոշտերը իրարու կը փակչին։ Առիւծին համար կերակուր կրնա՞ս որսալ։ Անօթի կորիւնները կրնա՞ս կշտացնել, Երբ անոնք իրենց քարայրներուն մէջ կը կծկտին Ու դարանի համար որջերուն մէջ կը կենան։ Ո՞վ կը պատրաստէ ագռաւին իր որսը, Երբ անոր ձագերը Աստուծոյ կ’աղաղակեն Եւ ուտելիք չունենալնուն համար կը թափառին»։ «Ժայռի այծեամներուն ծնանելու ժամանակը գիտե՞ս. Եղնիկներուն ծնանիլը դիտեցի՞ր։ Անոնց կատարելու ամիսները կրնա՞ս համրել Ու ծնանելու ժամանակնին գիտե՞ս։ Անոնք ծռելով ձագերնին կը ծնանին Ու ցաւերնին կ’անցընեն։ Անոնց ձագերը կը զօրանան, դաշտի մէջ կը մեծնան, Կ’երթան ու նորէն անոնց չեն դառնար։ Ցիռը ո՞վ համարձակ թող տուաւ Ու վայրենի իշուն կապերը ո՞վ քակեց, Որո՞ւ տուի դաշտը տան համար Ու անապատը՝ անոր բնակութեանը համար։ Անիկա քաղաքին աղաղակը ծաղր կ’ընէ Ու հարկահանին պոռալը չի լսեր։ Անոր պտըտած լեռները իր արօտն են Ու ամէն տեսակ խոտ կը փնտռէ։ Միեղջերուն քեզի ծառայելու կը հաճի՞, Կամ քու մսուրիդ քով գիշերը կը մնա՞յ։ Արտ վարելու համար՝ ՝ միեղջերուն կրնա՞ս չուանով կապել, Կամ թէ քու ետեւէդ հովիտները կը տափանէ՞։ Անոր ոյժին շատ ըլլալուն համար անոր կը վստահի՞ս Ու գործդ անոր կը յանձնե՞ս։ Կը հաւատա՞ս թէ ան քու արմտիքդ պիտի բերէ Եւ քու կալդ հաւաքէ։ Ջայլամին թեւը ցնծութեամբ կը շարժի։ Արդեօք արագիլին թեւերուն ու փետուրներուն կը նմանի՞ ։ Անիկա իր հաւկիթները գետինը կը ձգէ Ու զանոնք հողին մէջ կը տաքցնէ, Մոռնալով թէ մէկուն ոտքը կրնայ կոտրել, Կամ դաշտի գազանները ոտնակոխ կ’ընեն։ Անիկա անգութ է իր ձագերուն՝ իրենը չեղածներու պէս. Իր աշխատութեանը դատարկ ելլելուն վախը չունի։ Վասն զի Աստուած իմաստութենէ զուրկ ըրաւ զանիկա Ու հանճարէն անոր բաժին չտուաւ։ Անիկա բարձր ելած ժամանակը Ձին ու անոր վրայ հեծնողը ծաղր կ’ընէ։ Ձիերուն դո՞ւն ոյժ տուիր, Անոր պարանոցին բաշը դո՞ւն հագցուցիր։ Զանիկա մարախի պէս կրնա՞ս ցատկեցնել. Անոր վրնջելուն փառաւոր ձայնը՝ ՝ ահաւոր է։ Հովիտի մէջ գետինը կը փորէ ու իր զօրութիւնովը կը զուարճանայ. Սպառազէնը դիմաւորելու կ’ելլէ. Երկիւղը ծաղր կ’ընէ, բանէ մը չի վախնար Ու սուրին երեսէն ետ չի դառնար։ Նետերը անոր վրայ կը սուլեն, Նաեւ փայլուն նիզակն ու գեղարդը։ Կատաղութեամբ եւ բարկութեամբ գետինը կը դողացնէ Ու փողին ձայնը լսելուն պէս՝ չի կրնար ինքզինք զսպել։ Քանի որ փողը կը հնչուի, «Աղէ՜», կ’ըսէ։ Հեռուէն կառնէ պատերազմին հոտը։ Զօրագլուխներուն որոտումն ու ազդարարութիւնը կը լսէ ։ Բազէն քո՞ւ իմաստութիւնովդ կը թռչի Ու թեւերը դէպի հարաւ կը բանայ։ Արծիւը քո՞ւ հրամանովդ կը բարձրանայ Ու բոյնը բարձրերը կը հաստատէ։ Անիկա ժայռի վրայ, ժայռի գագաթներու վրայ Ու ապառաժներու մէջ բոյն կը շինէ ու կը բնակի։ Կերակուրը անկէ կը փնտռէ։ Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն։ Անոր ձագերն ալ արիւն կը ծծեն Եւ ուր որ դիակներ ըլլան, անիկա հոն է»։ Տէրը Յոբին խօսելով՝ ըսաւ. «Արդ՝ Ամենակարողին հետ վիճողը բան մը պիտի սորվեցնէ՞. Աստուծոյ հետ վիճաբանողը թող պատասխան տայ»։ Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ահա ես նուաստ եմ. քեզի ի՞նչ պատասխան տամ. Ձեռքս բերնիս վրայ կը դնեմ։ Մէկ անգամ խօսեցայ, ա՛լ պատասխան պիտի չտամ. Երկու անգամ ալ, բայց պիտի չկրկնեմ»։ Այն ժամանակ Տէրը մրրիկէն Յոբին պատասխանեց. «Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛, Քեզի հարցնեմ ու դուն քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։ Իմ դատաստանս պիտի խափանե՞ս, Քեզ արադարացնելու համար զիս յանցաւո՞ր պիտի հանես։ Աստուծոյ պէս բազուկ ունի՞ս Եւ քու ձայնովդ կրնա՞ս անոր պէս որոտալ։ Հիմա փառաւորութիւնով ու մեծութիւնով զարդարուէ Եւ պատիւով ու փառքով հագուէ՛։ Բարկութեանդ եռանդը տարածէ՛ Եւ ամէն հպարտի նայէ՛ ու զանիկա խոնարհեցո՛ւր։ Ամէն հպարտի նայէ՛ ու զանիկա նուաճէ՛ Ու անօրէնները իրենց տեղը կոխկռտէ՛։ Անոնց ամէնքն ալ հողին մէջ աներեւոյթ ըրէ, Երեսնին գաղտուկ տեղ պահէ։ Այն ատեն ես ալ քեզի պիտի իմացընեմ, Թէ աջ ձեռքդ քեզ կրնայ ազատել։ Ահա Բեհեմովթը, որ քեզի հետ ստեղծեցի. Անիկա արջառի պէս խոտ կ’ուտէ։ Ահա հիմա անոր զօրութիւնը իր մէջքն է Եւ ոյժը փորին մկաններուն մէջ։ Պոչը կ’երերցնէ եղեւինի պէս, Ազդրերուն ջիղերը հիւսուած են։ Անոր ոսկորները պղնձէ խողովակներ՝ ՝ են, Անոր անդամները երկաթէ նիգերու պէս են։ Աստուծոյ գործին սկիզբն է անիկա. Զանիկա ստեղծողը իր սուրը կրնայ անոր մօտեցնել՝ ՝։ Արդարեւ անոր պաշար կը բերեն լեռները, Ուր դաշտի գազանները կը խաղան։ Անիկա ստուերոտ ծառերուն տակ, Եղէգներուն շուքը ու ճահիճներուն մէջ կը պառկի։ Ստուերոտ ծառերը իրենց շուքովը կը ծածկեն զանիկա, Հեղեղատներուն ուռիները անոր բոլորտիքն են Եթէ գետը առատանայ, անիկա չի վախնար. Թէեւ Յորդանան անոր բերանը դիմելու ըլլայ, ան հանդարտ կը կենայ։ Միթէ անիկա յայտնի կը բռնուի՞. Որոգայթի մէջ անոր քիթը ո՞վ կրնայ ծակել՝ ՝»։ «Լեւիաթանը կարթով կրնա՞ս վերցնել Ու անոր լեզուէն լարով կրնա՞ս քաշել։ Անոր քթին չուան անցընելով Ծնօտը կրնա՞ս փուշով ծակել։ Միթէ անիկա քեզի շատ աղաչանքներ կ’ընէ՞, Քեզի մեղմ խօսքեր կ’ըսէ՞։ Անիկա քեզի հետ ուխտ կ’ընէ՞։ Զանիկա մշտնջենաւոր ծառայի պէս կրնա՞ս առնել։ Թռչունի հետ խաղալու պէս՝ անոր հետ կրնա՞ս խաղալ, Կամ թէ քու աղախիններուդ համար զանիկա կրնա՞ս կապել։ Ընկերները անոր մսովը հացկերոյթ կրնա՞ն ընել. Անիկա վաճառականներուն մէջ կը բաժնուի՞։ Անոր մորթը սլաքներով Ու անոր գլուխը ձկնորսի տէգերով կրնա՞ս լեցնել։ Ձեռքդ անոր վրայ դիր, պատերազմը յիշէ Ու նորէն պիտի չպատերազմիս։ Ահա անոր բռնուելուն յոյսը պարապ է. Զանիկա տեսնելով՝ մարդ չի՞ զարհուրիր։ Չկայ քաջասիրտ մէկը, որ զանիկա արթնցնէ։ Հապա իմ առջեւս ո՞վ կրնայ կենալ։ Ո՞վ նախապէս ինծի տուաւ, որ ես անոր հատուցանեմ. Բոլոր երկնքի տակ եղածը իմս է։ Անոր անդամներուն ու զօրութեանը, Նաեւ գեղեցիկ կարգաւորութեանը վրայ պիտի խօսիմ ու պիտի չլռեմ։ Անոր հանդերձին երեսը ո՞վ կրնայ բանալ, Անոր երկու կզակներուն մէջ ո՞վ կրնայ մտնել, Անոր երեսին դռները ո՞վ կրնայ բանալ, Ահը անոր ակռաներուն բոլորտիքն է։ Անոր ամուր վահանները իր հպարտութիւնն են, Պինդ կնքուածի պէս գոց են։ Այնպէս քովէ քով շարուած են, Որ անոնց մէջ քամի չի կրնար մտնել. Իրարու կցուած են, Մէկզմէկ կը բռնեն ու բնաւ չեն զատուիր։ Անոր փռնգտալէն լոյս կը փայլի Ու աչքերը արշալոյսին արտեւանունքներուն կը նմանին։ Անոր բերնէն վառած ջահեր կ’ելլեն Ու կրակի կայծեր կը ցայտեն։ Քթին ծակերէն շոգի կ’ելլէ Եռացող սանի կամ կաթսայի պէս։ Անոր շունչէն կրակի կայծեր կը բորբոքին Ու բերնէն բոց կ’ելլէ։ Անոր պարանոցին վրայ ոյժը կը բնակի Ու երկիւղը անոր առջեւ կը խաղայ։ Անոր մսին ծալուածքները փակած են, Անոր վրայ հաստատուելով չեն երերար։ Անոր սիրտը քարի պէս պինդ է Ու աղօրիքին տակի քարին պէս ամուր է։ Անոր ելած ժամանակը զօրաւորները կը վախնան Ու երկիւղէն կը շփոթին։ Անոր վրայ յարձակողին սուրը չի դիմանար, Ո՛չ ալ նիզակը, գեղարդն ու զրահը։ Երկաթը յարդի պէս է անոր առջեւ Ու պղինձը՝ փտտած փայտի պէս։ Աղեղին նետը զանիկա չի փախցներ, Պարսատիկի քարերը անոր դէմ մղեղ կը դառնան։ Մահակները շիւղերու տեղ կը սեպէ, Տէգին ճօճուիլը ծաղր կ’ընէ։ Անոր տակ սրածայր խեցիի կտորուանք կան, Ցեխին վրայ սուր բաներ կը տարածէ։ Անդունդը սանի մը պէս կ’եռացնէ Ու ծովը օծանելիքի կաթսային նման կ’ընէ։ Իր ետեւէն ճամբան պայծառ կ’երեւցնէ, Անդունդը ճերմկցած մազերու կը նմանի։ Երկրի վրայ անոր նմանը չկայ, Որ այնպէս անվախ ստեղծուած ըլլայ։ Ամէն բարձր բաներու վրայ կը նայի, Բոլոր հպարտութեան որդիներուն թագաւորն է»։ Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես Ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ’ելլեր։ Ո՞վ է անիկա որ տգիտութեամբ խորհուրդը կը նսեմացնէ։ Արդարեւ կը խօսէի, բայց չէի հասկնար. Ինծի սքանչելի բաներ ըլլալով՝ չէի իմանար։ Կ’աղաչեմ, մտիկ ըրէ որպէս զի ես խօսիմ, Քեզի հարցնեմ ու ինծի սորվեցուր, Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, Բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ։ Անոր համար իմ անձս կ’արհամարհեմ, Հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։ Արդ՝ Տէրը՝ Յոբին այս խօսքերը լսելէն յետոյ՝ Եղիփազ Թեմանացիին ըսաւ. «Քու վրադ ու երկու ընկերներուդ վրայ իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ, վասն զի ինծի համար իմ Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք։ Ուստի հիմա ձեզի եօթը զուարակ ու եօթը խոյ առէք ու Յոբ ծառայիս երթալով՝ ձեզի համար ողջակէզ մատուցանեցէք եւ իմ Յոբ ծառաս ձեզի համար աղօթք թող ընէ, որպէս զի ես ալ անոր աղօթքը ընդունելով՝ ձեր անմտութեանը պէս չընեմ ձեզի. վասն զի իմ առջեւս Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք»։ Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացի ու Բաղդատ Սօքեցի եւ Սոփար Նաամացի երթալով՝ Տէրոջը իրենց ըսածին պէս ըրին եւ Տէրը Յոբին աղօթքը ընդունեց։ Եւ Տէրը գերութենէ ազատեց Յոբը՝ իր բարեկամներուն համար աղօթք ըրած ատենը. նաեւ Տէրը Յոբին բոլոր ստացուածքին կրկնապատիկը տուաւ։ Եւ անոր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը եւ նախապէս բոլոր զանիկա ճանչցողներն ալ միասին անոր մօտ գալով՝ անոր տանը մէջ հաց կերան անոր հետ ու անոր համար ցաւելով՝ Տէրոջը անոր ղրկած բոլոր փորձանքին համար զինք մխիթարեցին։ Ամէն մէկը մէկմէկ կտոր ստակ ու մէկմէկ ոսկի օղ տուին անոր։ Տէրը Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց. այնպէս որ տասնըչորս հազար ոչխար ու վեց հազար ուղտ եւ հազար զոյգ եզ ու հազար մատակ էշ ունեցաւ։ Եւ անոր եօթը տղայ եւ երեք աղջիկ ծնան։ Մէկ աղջկան անունը Եմիմա ու երկրորդին անունը Կասիա ու երրորդին անունը Կերենհապուք դրաւ։ Եւ բոլոր երկրին վրայ Յոբին աղջիկներուն պէս գեղեցիկ կիներ չէին գտնուեր ու հայրերնին անոնց ժառանգութիւն տուաւ իրենց եղբայրներուն հետ։ Եւ ասկէ ետք Յոբ հարիւր քառասուն տարի ապրելով՝ տեսաւ իր որդիներն ու իր որդիներուն որդիները մինչեւ չորրորդ ազգը։ Ու Յոբ ծերացած ու օրերը լեցուած մեռաւ։ Երանելի է այն մարդը, Որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, Ու մեղաւորներուն ճամբուն մէջ չի կենար, Եւ ծաղր ընողներուն նստած տեղը չի նստիր. Հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, Եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. Ու անոր տերեւը պիտի չթափի, Եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի։ Այսպէս չեն ամբարիշտները, Հապա մղեղի պէս՝ որ հովը կը ցրուէ։ Ասոր համար ամբարիշտները դատաստանի մէջ պիտի չկրնան կենալ, Ո՛չ ալ մեղաւորները՝ արդարներուն ժողովին մէջ։ Վասն զի Տէրը կը ճանչնայ արդարներուն ճամբան, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան պիտի կորսուի։ Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն կ’ընեն Ու ժողովուրդները պարապ բան կը մտածեն, Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն Ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ, Ըսելով. «Կոտրե՛նք անոնց կապերը, Ու մեզմէ ձգե՛նք անոնց լուծը»։ Երկինքը բնակողը անոնց վրայ պիտի ծիծաղի։ Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանոնք։ Այն ատեն իր բարկութիւնովը պիտի խօսի անոնց Եւ իր սրտմտութիւնովը պիտի խռովեցնէ զանոնք, ըսելով. «Ե՛ս օծեցի իմ թագաւորս Իմ սուրբ լերանս՝ Սիօնին վրայ»։ Հրամանը պիտի պատմեմ։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Դո՛ւն իմ որդիս ես, Ես այսօր քեզ ծնայ։ Խնդրէ՛ ինծմէ ու հեթանոսները քեզի ժառանգութիւն պիտի տամ Ու երկրի ծայրերը քեզի ստացուածք։ Զանոնք երկաթէ գաւազանով պիտի կոտրես, Բրուտի ամանի պէս պիտի փշրես զանոնք»։ Ուստի հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, Երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։ Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը, Ու դողալով անկէ վախցէ՛ք՝ ՝։ Որդին համբուրեցէք՝ որպէս զի չբարկանայ Ու ճամբուն մէջ չկորսուիք, Երբ անոր բարկութիւնը քիչ մը բորբոքի։ Երանի՜ այն ամենուն որոնք անոր կը յուսան։ Ո՛վ Տէր, իմ թշնամիներս որչա՜փ շատցան։ Իմ վրաս ելլողները շատուոր են։ Շատերը իմ անձիս համար կ՛ըսեն թէ՝ «Ասոր փրկութիւն չկայ Աստուծմէն»։ (Սէլա։) Բայց, ո՛վ Տէր, դուն ես իմ ասպարս, Իմ փառքս ու իմ գլուխս բարձրացնողը։ Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի Ու իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց։ (Սէլա։) Ես պառկեցայ ու քնացայ. Արթնցայ, վասն զի Տէրը զիս պաշտպանեց։ Ես պիտի չվախնամ բիւրաւոր ժողովուրդներէն, Որոնք իմ չորս կողմս պատեցին։ Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, զիս փրկէ, ո՛վ իմ Աստուածս, Վասն զի դուն զարկիր իմ բոլոր թշնամիներուս թուշը։ Ամբարիշտներուն ակռաները փշրեցիր։ Փրկութիւնը Տէրոջն է։ Քու օրհնութիւնդ քու ժողովուրդիդ վրայ է։ (Սէլա։) Կանչելու ատենս ինծի պատասխան տուր, ո՛վ իմ արդարութեանս Աստուածը։ Նեղութեան մէջ զիս ընդարձակեցիր. Ողորմէ՛ ինծի ու լսէ՛ իմ աղօթքս։ Մարդո՛ց որդիներ, մինչեւ ե՞րբ իմ փառքս ամօթի պիտի դարձնէք Եւ ունայնութիւն պիտի սիրէք ու ստութիւն փնտռէք։ (Սէլա։) Բայց գիտցէք թէ Տէրը իրեն նուիրուած մարդը որոշեց։ Տէրը պիտի լսէ իրեն կանչելու ատենս։ Դողացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք. Խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք։ (Սէլա։) Արդարութեան զոհեր մատուցանեցէ՛ք, Ու Տէրոջը յուսացէ՛ք։ Շատեր կ’ըսեն թէ՝ «Ո՞վ մեզի բարութիւն պիտի ցուցնէ»։ Ո՛վ Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագեցուր։ Իմ սրտիս ուրախութիւն տուիր՝ Անոնց ցորենին ու գինիին առատութեան ժամանակէն աւելի։ Խաղաղութեամբ պիտի պառկիմ ու քնանամ, Վասն զի դո՛ւն միայն, Ո՛վ Տէր, զիս ապահովութեամբ կը բնակեցնես։ Ո՛վ Տէր, ականջ դիր իմ խօսքերուս, Միտքդ առ իմ աղաղակս։ Իմ կանչելուս ձայնին մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ Թագաւորս ու Աստուածս, Վասն զի ես քեզի կ’աղաչեմ։ Ո՛վ Տէր, առտուն պիտի լսես իմ ձայնս. Առտուն պատրաստ պիտի ըլլամ քեզի ու սպասեմ։ Վասն զի դուն անօրէնութիւն ուզող Աստուած չես. Չարը քու քովդ պիտի չբնակի։ Հպարտները քու աչքերուդ առջեւ պիտի չկենան. Բոլոր անօրէնութիւն գործողները կ’ատես. Սուտ խօսողները կը կորսնցնես։ Տէրը արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդէն կը զզուի։ Բայց ես քու ողորմութեանդ շատութիւնովը քու տունդ պիտի մտնեմ. Քու վախովդ երկրպագութիւն պիտի ընեմ քու սուրբ տաճարիդ մէջ։ Ո՛վ Տէր, քու արդարութիւնովդ ինծի առաջնորդ եղիր թշնամիներուս համար. Քու ճամբադ շտկէ իմ առջեւս. Վասն զի անոնց բերնին մէջ ճշմարտութիւն չկայ, Անոնց ներսիդին չարութիւն կայ։ Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, Իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան։ Ո՛վ Աստուած, յանցաւոր հանէ զանոնք. Իրենց խորհուրդներովը թող իյնան. Անոնց շատ ամբարշտութիւններուն համար հալածէ՛ զանոնք. Վասն զի քեզի դէմ ապստամբեցան։ Բայց բոլոր քեզի յուսացողները թող ուրախ ըլլան. Յաւիտեան թող ցնծան, վասն զի դուն զանոնք կը պաշտպանես Եւ քու անունդ սիրողները թող քեզմով զուարճանան։ Վասն զի դուն պիտի օրհնես արդարը, ո՛վ Տէր, Բարի կամեցողութիւնով անոր չորս կողմը պիտի պատես՝ որպէս թէ վահանով մը։ Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ Եւ քու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։ Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի տկար եմ ես. Զիս բժշկէ, ո՛վ Տէր, վասն զի ոսկորներս կը սարսափին։ Իմ անձս ալ խիստ սարսափեցաւ. Եւ դուն, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ։ Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, փրկէ իմ անձս, Քու ողորմութեանդ համար զիս ազատէ։ Վասն զի մահուան մէջ քեզ յիշատակել չկայ. Գերեզմանին մէջ ո՞վ քեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ։ Հառաչանք ընելէ յոգնեցայ. Ամէն գիշեր կը լուամ իմ անկողինս, Արցունքներովս կը թրջեմ իմ մահիճս։ Իմ աչքս մաշեցաւ տրտմութենէն, Իմ բոլոր թշնամիներուս պատճառով հինցաւ։ Ինծմէ ե՛տ կեցէք ամէնքդ ալ, որ անօրէնութիւն կը գործէք. Վասն զի Տէրը իմ լալուս ձայնը լսեց. Տէրը իմ աղօթքս լսեց. Տէրը իմ խնդրուածքս պիտի ընդունի։ Թող ամչնան ու խիստ զարհուրին իմ բոլոր թշնամիներս, Ետ թող դառնան ու շուտով ամչնան։ Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզի կը յուսամ, Փրկէ զիս իմ բոլոր հալածիչներէս ու ազատէ զիս. Չըլլայ որ առիւծի պէս իմ անձս գիշատէ Ու պատառէ եւ ազատող մը չըլլայ։ Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, եթէ այս բանը ըրի, Կամ եթէ իմ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն կայ, Եթէ բարեկամիս չարութիւն ըրի Ու կողոպտեցի զանիկա ՝ որ առանց պատճառի իմ թշնամիս էր, Թող թշնամին հալածէ իմ անձս ու հասնի անոր Ու երկրի վրայ կոխկռտէ իմ կեանքս, Եւ իմ փառքս հողի վրայ բնակեցնէ։ (Սէլա։) Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, քու բարկութիւնովդ, Իմ թշնամիներուս կատաղութիւններուն դէմ բարձր եղիր, Արթնցի՛ր, ո՛վ Աստուած, դուն սահմանած ես դատաստան մը։ Եւ ժողովուրդներուն ժողովը քու չորս կողմդ պիտի պատէ. Անոնց վրայ բարձրացիր։ Տէրը պիտի դատէ ժողովուրդները. Ո՛վ Տէր, իմ դատաստանս տես, Իմ ունեցած անարատութեանս ու անմեղութեանս նայելով։ Ամբարիշտներուն չարութիւնը թող հատնի։ Բայց դուն արդարը հաստատէ. Վասն զի դուն, ո՛վ արդար Աստուած, կը քննես սրտերը ու երիկամունքները։ Իմ պաշտպանութիւնս Աստուծմէ է. Որ կ’ապրեցնէ սրտով ուղիղները։ Աստուած արդար դատաւոր է Ու Աստուած մեղաւորին ամէն օր բարկացած է. Եթէ անիկա չդառնայ, իր սուրը պիտի սրէ. Աղեղը լարեր ու պատրաստեր է։ Ու մահու գործիքները անոր համար պատրաստեր է, Իր նետերը հալածիչներուն համար՝ ՝ շիներ է։ Ահա անօրէնութեան երկունքը բռնեց զանիկա. Չարութիւն յղացաւ ու ստութիւն ծնաւ։ Հոր փորեց ու խորունկցուց, Բայց իր շինած փոսին մէջ ի՛նք պիտի իյնայ. Անոր չարութիւնը իր գլուխը պիտի դառնայ Ու անոր բռնութիւնը իր գագաթին վրայ պիտի իջնէ։ Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իր արդարութեանը համար Սաղմոս պիտի երգեմ Բարձրեալ Տէրոջը անուանը։ Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ, Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։ Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնով Գովութիւն կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար, Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։ Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատերուդ գործը՝ Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես, Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կընես։ Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն, Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա. Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա. Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր. Բոլոր ոչխարները ու արջառները, Նաեւ վայրենի անասունները, Երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը Եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։ Ով Տէր, մեր Տէրը, Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։ Գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Տէրոջը իմ բոլոր սրտովս. Քու բոլոր սքանչելիքներդ պիտի պատմեմ։ Քեզմով ուրախ պիտի ըլլամ ու ցնծամ. Քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ, ո՛վ Բարձրեալ։ Թշնամիներս ետ դառնալու ատեննին Քու երեսէդ պիտի իյնան ու կորսուին. Վասն զի դատաստանս եւ իրաւունքս դուն տեսար. Աթոռին վրայ նստար իբրեւ արդարութեան դատաւոր։ Հեթանոսները յանդիմանեցիր, Ամբարիշտը կորսնցուցիր, Անոնց անունները ջնջեցիր յաւիտեանս յաւիտենից։ Թշնամիին աւերմունքները բոլորովին վերջացան. Քաղաքները աւերեցիր. Անոնց յիշատակը իրենց հետ կորսուեցաւ։ Բայց Տէրը յաւիտեան պիտի մնայ. Անիկա իր աթոռը պատրաստեց դատաստանի համար։ Ինք պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով, Ժողովուրդներուն դատաստան պիտի ընէ ուղղութիւնով։ Տնանկին ալ ապաւէն պիտի ըլլայ Տէրը, Ապաւէն՝ նեղութեան ժամանակները։ Անոնք որ քու անունդ գիտեն՝ քեզի պիտի յուսան. Վասն զի քեզ փնտռողները, ո՛վ Տէր, երեսէ չձգեցիր։ Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, որ Սիօն կը բնակի, Ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք անոր ըրածները։ Վասն զի արեան վրէժխնդիրը յիշեց զանոնք, Չմոռցաւ նեղեալներուն աղաղակը։ Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, Տե՛ս իմ թշնամիներէս կրած նեղութիւնս, Դուն որ զիս մահուան դռներէն կը վերցնես. Որպէս զի քու բոլոր օրհնութիւններդ պատմեմ Սիօնի աղջկան դռներուն մէջ. Պիտի ցնծամ քու փրկութիւնովդ։ Հեթանոսները իրենց շինած փոսին մէջ ընկղմեցան. Իրենց գաղտուկ լարած որոգայթին մէջ իրենց ոտքը բռնուեցաւ։ Տէրը ճանչցուած է, վասն զի դատաստան ըրաւ. Ամբարիշտը իր ձեռքին գործերովը որոգայթը կ’իյնայ։ ( Հիկկայօն Սէլա։) Ամբարիշտները դժոխքը պիտի դառնան Եւ այն բոլոր ազգերը, որոնք Աստուած կը մոռնան։ Քանզի աղքատը պիտի չմոռցուի մինչեւ վերջը. Տնանկներուն յոյսը յաւիտեան պիտի չկորսուի։ Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, մարդը թող չզօրանայ. Թող հեթանոսները դատուին քու առջեւդ. Ո՛վ Տէր, զանոնք վախցուր՝ ՝. Թող հեթանոսները գիտնան թէ իրենք մարդ են։ (Սէլա։) Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ հեռու կը կենաս. Նեղութեան ժամանակները կը ծածկուիս։ Ամբարշտին ամբարտաւանութեանը պատճառով աղքատը կը տոչորի՝ ՝, Իրենց խորհած հնարքներուն մէջ իրենք թող բռնուին։ Վասն զի ամբարիշտը իր անձին ցանկութիւնովը կը պարծենայ Եւ ագահը իր անձին երանի կու տայ, բայց կ’անարգէ Տէրը։ Ամբարիշտը իր երեսին ամբարտաւանութեանը համար Աստուած չի փնտռեր. Անոր մտքին մէջ բոլորովին Աստուած չկայ։ Ամէն ժամանակ անոր ճամբաները պինդ են. Քու դատաստաններդ անոր առջեւէն բարձր են. Անիկա իր բոլոր թշնամիներուն վրայ կը փչէ։ Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չսասանիմ. Վասն զի ազգէ մինչեւ ազգ նեղութեան մէջ պիտի չըլլամ»։ Անոր բերանը անէծքով ու նենգութիւններով ու հարստահարուիթւններով լեցուն է. Անիրաւութիւնը ու անօրէնութիւնը անոր լեզուին տակ են։ Գիւղերուն դարանի տեղերը կը նստի, Գաղտուկ տեղերու մէջ անմեղը կը սպաննէ. Անոր աչքերը ծածկաբար տնանկներուն կը նային։ Գաղտուկ տեղեր դարանամուտ կ’ըլլայ, ինչպէս առիւծը՝ իր որջին մէջ. Դարանակալ կը նստի՝ աղքատը յափշտակելու համար. Աղքատը կը յափշտակէ՝ իր որոգայթը ձգելով զանիկա։ Կծկտած կը պառկի Եւ տնանկները անոր ճանկերուն տակ կ’իյնան։ Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Աստուած մոռցեր է Ու իր երեսը ծածկեր է, որպէս զի բնաւ չտեսնէ»։ Ելի՛ր, ո՛վ Տէր. ո՛վ Աստուած, ձեռքդ վե՛ր վերցուր, Մի՛ մոռնար նեղեալները։ Ինչո՞ւ համար ամբարիշտը Աստուած կ’անարգէ։ Իր սրտին մէջ ըսաւ թէ «Պիտի չքննես»։ Դուն տեսար, վասն զի ցաւին ու նեղութեանը կը նայիս՝ Քու ձեռքովդ փոխարէն հատուցանելու համար։ Աղքատը ինքզինք քեզի կը յանձնէ. Որբին օգնականը դուն ես։ Ամբարշտին բազուկը կոտրէ, Ու չարին անօրէնութիւնը փնտռէ մինչեւ որ ալ չգտնես։ Տէրը յաւիտեանս յաւիտենից Թագաւոր է։ Հեթանոսները կորսուած են անոր երկրէն։ Տնանկներուն ցանկութիւնը լսեցիր, ո՛վ Տէր. Անոնց սրտերը պիտի հաստատես ու քու ականջդ պիտի խոնարհեցնես Որբին ու տնանկին դատաստանը տեսնելու, Որպէս զի երկրի մարդը ա՛լ զանոնք չվախցնէ։ Տէրոջը ապաւինեցայ. Ի՞նչպէս իմ անձիս կ’ըսէք թէ՝ «Թռչունի պէս դէպի ձեր լեռը թռչէ. Վասն զի ահա մեղաւորները աղեղ լարեցին, Իրենց նետերը լարին վրայ պատրաստեցին, Որպէս զի մութ ատեն սիրտը շիտակ եղողներուն նետեն։ Եթէ հիմերը կործանին, Արդարը ի՞նչ պիտի ընէ»։ Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է. Տէրոջը աթոռը երկինքն է. Անոր աչքերը կը տեսնեն, Անոր թարթիչները կը քննեն մարդոց որդիները։ Տէրը կը քննէ արդարը. Բայց անոր անձը կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը։ Ամբարիշտներուն վրայ պիտի տեղան որոգայթներ, Հուր եւ ծծումբ ու խորշակ. Ա՛յս պիտի ըլլայ անոնց բաժակին բաժինը։ Քանզի արդար Տէրը արդարութիւնը կը սիրէ, Անոր երեսը ուղիղին կը նայի։ Ո՛վ Տէր, փրկէ, վասն զի սուրբ չմնաց. Վասն զի հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան։ Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին. Շողոքորթող շրթունքներով ու կրկին սրտով կը խօսին։ Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները Ու մեծախօս լեզուն, Որոնք ըսին թէ՝ «Մեր լեզուներով պիտի յաղթենք, Մեր շրթունքները մերն են։ Մեր վրայ ո՞վ պիտի տիրէ»։ «Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը, Ազատութեան մէջ պիտի դնեմ զանիկա, որուն կը բաղձայ»։ Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են. Հողէ բովքի մէջ զտուած, Եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են։ Ո՛վ Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք Ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան։ Ամբարիշտները ամէն կողմ կը պտըտին, Երբ մարդոց որդիներուն մէջ անարգները բարձրանան։ Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ բոլորովին զիս պիտի մոռնաս, Մինչեւ ե՞րբ քու երեսդ ինծմէ պիտի ծածկես։ Մինչեւ ե՞րբ մտքիս մէջ հոգեր պիտի ունենամ, Ամէն օր սրտիս մէջ տրտմութիւն ունենալով. Մինչեւ ե՞րբ թշնամիս իմ վրաս պիտի բարձրանայ։ Նայէ՛, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս ու պատասխան տուր ինծի. Լուսաւորէ՛ իմ աչքերս, Որպէս զի մահուան քունը չքնանամ։ Չըլլայ որ թշնամիս ըսէ թէ՝ «Յաղթեցի անոր», Կամ թէ ինծի դէմ կեցողները խնդան իմ սասանելու ատենս։ Ես քու ողորմութեանդ յուսացի, Իմ սիրտս քու փրկութիւնովդ պիտի ցնծայ։ Պիտի երգեմ Տէրոջը, Վասն զի ինծի բարերարութիւն ըրաւ։ Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ՝ «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին. Մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։ Տէրը երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։ Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։ Միթէ չե՞ն ճանչնար բոլոր անօրէնութիւն ընողները, Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Տէրոջը չեն կանչեր. Այն ատեն շատ վախցան. Քանզի Աստուած արդարներուն ազգին մէջ է։ Աղքատին խորհուրդը շփոթեցուցիք, Սակայն անոր յոյսը Տէրն է։ Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլին փրկութիւնը. Տէրը իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։ Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ, Ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։ Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ ու արդարութիւն կ’ընէ Եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն։ Ան որ լեզուովը չի զրպարտեր, Ընկերին չարութիւն չ’ըներ, Եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ. Որուն առջեւ անարգուած է չարագործը, Բայց աստուածավախները կը պատուէ. Երդում կ’ընէ իր վնասին ու չի դառնար. Իր արծաթը վարձքով չի տար Ու անմեղին դէմ կաշառք չ’առներ։ Ով որ ասոնք կ’ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի։ Ո՛վ Աստուած, զիս պահէ՛, Վասն զի քեզի յուսացի։ Տէրոջը ըսի. «Իմ Տէրս դուն ես, Առանց քեզի բարիք մը չունիմ»։ Երկրի մէջ եղող սուրբերուն ու պատուականներուն վրայ է իմ բոլոր հաճութիւնս։ Անոնց ցաւերը պիտի շատնան, որոնք ուրիշ աստուած մը կը նախընտրեն. Անոնց արիւնի նուէրները պիտի չնուիրեմ Ու անոնց անունները շրթունքներուս վրայ պիտի չառնեմ։ Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը. Իմ վիճակս դուն պիտի պահես։ Վիճակներ ելան ինծի զուարճալի տեղերու մէջ. Իրաւ իմ ժառանգութիւնս ինծի գեղեցիկ եղաւ։ Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց. Նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն։ Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. Որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ։ Ասոր համար սիրտս ուրախ եղաւ ու փառքս բերկրեցաւ Ու մարմինս ալ յոյսով պիտի հանգստանայ։ Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս Ու քու սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։ Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես. Երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ, Քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան։ Ո՛վ Տէր, լսէ՛ արդար դատս, Մտիկ ըրէ իմ աղաղակիս։ Ականջ դիր աղօթքիս, Որ խաբեբայ շրթունքներով չէ։ Իմ դատաստանս քու երեսէդ թող ելլէ. Քու աչքերդ ուղղութիւնը թող տեսնեն։ Իմ սիրտս փորձեցիր, գիշեր ատեն քննեցիր, Զիս կրակով փորձեցիր ու բան մը չգտար. Միտքս դրի որ բերանս պատուիրանազանց չըլլայ՝ ՝։ Մարդոց գործերուն նայելով եւ Քու շրթունքներուդ խօսքերովը ես բռնաւորին ճամբաներէն զգուշացայ։ Իմ քայլերս քու ճամբաներուդ մէջ պահէ, Որպէս զի իմ գնացքներս չսասանին։ Ես քեզի կանչեցի, վասն զի ինծի պատասխան պիտի տաս, ո՛վ Աստուած։ Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, լսէ՛ իմ խօսքս։ Սքանչելի կերպով քու ողորմութիւններդ ցուցուր, Դուն որ քեզի յուսացողները աջ ձեռքովդ կ’ազատես Հակառակ կեցողներէն։ Աչքի բիբի պէս զիս պահէ՛, Թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ զիս ծածկէ՛ Ինծի տառապանք տուող ամբարիշտներուն երեսէն։ Իմ անձիս թշնամիները զիս պաշարեցին։ Իրենց պարարտութիւնովը ծածկուեցան, Իրենց բերնովը ամբարտաւանութեամբ խօսեցան։ Հիմա մեր քայլերուն չորս կողմը պատելով՝ Աչքերնին մեր վրայ տնկեցին գետինը զարնելու համար, Առիւծի պէս, որ կը փափաքի գիշատել, Առիւծի կորիւնի պէս, որ դարանակալ կ’ըլլայ։ Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, անոր առջեւ ինծի օգնութեան հասիր, Զանիկա գետի՛նը զարկ։ Քու սրովդ փրկէ՛ իմ անձս ամբարիշտներէն, Քու ձեռքովդ՝ մարդոցմէն, ո՛վ Տէր, Աշխարհի մարդոցմէն, որոնց բաժինը այս կեանքին մէջ է Ու անոնց փորերը շտեմարաններէդ կը լեցնես. Անոնց որդիներն ալ ՝ ՝ կը կշտանան Ու իրենցմէ աւելցածը իրենց տղոցը կը թողուն։ Իսկ ես արդարութեամբ պիտի տեսնեմ քու երեսդ. Երբ արթննամ քու դէմքէդ պիտի կշտանամ։ Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։ Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ, Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրը Ու իմ բարձր աշտարակս է։ Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմ Ու իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։ Մահուան լարերը իմ բոլորտիքս առին Ու անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։ Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցին Ու մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։ Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցի Ու իմ Աստուծոյս աղաղակեցի. Անիկա իր տաճարէն իմ ձայնս լսեց Ու իմ աղաղակս անոր առջեւ՝ անոր ականջը հասաւ։ Այն ատեն երկիր սասանեցաւ ու դողաց Ու լեռներուն հիմերը շարժեցան ուսասանեցան, Քանզի անիկա բարկացաւ։ Անոր քթէն ծուխ ելաւ Ու բերնէն՝ մաշող կրակ, Անկէ կայծակներ բռնկեցան։ Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ, Անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։ Քերովբէի մը վրայ ելաւ ու թռաւ Ու հովին թեւերուն վրայ սլացաւ։ Խաւարը իրեն ծածկոյթ ըրաւ Ու իր բոլորտիքը՝ իրեն բնակարան, Թանձր ջուրերը ու երկնքի ամպերը ըրաւ ։ Անոր պայծառութենէն ամպերը անցան Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։ Տէրը երկնքին մէջ որոտաց Եւ Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւ Կարկուտով ու կրակի կայծակներով։ Իր նետերը ղրկեց ու զանոնք ցրուեց Եւ շատ կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։ Քու յանդիմանութիւնովդ, ո՛վ Տէր, Քու բարկութեանդ հովին փչելովը Ջուրերուն յատակները երեւցան Ու աշխարհի հիմերը յայտնուեցան։ Բարձրէն ղրկեց ու զիս բռնեց Եւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։ Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս. Թէեւ ինծմէ զօրաւոր էին։ Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին, Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ Եւ զիս լայնարձակ տեղ մը հանեց Ու զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։ Տէրը իմ արդարութեանս փոխարէն կը հատուցանէ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի. Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցի Ու իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։ Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էին Ու անոր օրէնքները ինծմէ չհեռացուցի։ Նաեւ անոր առջեւ կատարեալ եղայ Ու անօրէնութենէ զգուշացայ։ Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ, Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ՝ որ անոր աչքերուն առջեւ է։ Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս, Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս. Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս Ու ծուռին հետ կը ծռիս։ Վասն զի դուն վշտացած ժողովուրդը կ’ազատես Ու ամբարտաւան աչքերը կը ցածցնես։ Քանզի դուն իմ ճրագս կը վառես։ Իմ Տէր Աստուածս իմ խաւարս կը լուսաւորէ։ Քանզի քեզմով գունդի մը վրայ կ’արշաւեմ Ու իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ’անցնիմ։ Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է Տէրոջը խօսքերը փորձուած են։ Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։ Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած, Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։ Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէ Ու իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։ Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէ Ու իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կայնեցնէ։ Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէ Ու իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն՝ ՝։ Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր. Եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուց Ու քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։ Քալելու համար ճամբաս ներքեւս լայնցուցիր Ու իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։ Իմ թշնամիներս հալածեցի ու անոնց հասայ Ու ետ չդարձայ՝ մինչեւ որ զանոնք հատցուցի. Զանոնք գետինը զարկի ու կանգնելու կարող չեղան։ Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։ Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր, Իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։ Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր՝ ՝, Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։ Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար։ Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։ Ու զանոնք հովին առջեւէն մղուած փոշիի պէս մանրեցի Եւ փողոցներուն ցեխին պէս մէկդի ձգեցի զանոնք։ Ժողովուրդին կռիւներէն զիս ազատեցիր Ու զիս ազգերու գլուխ ըրիր։ Ժողովուրդը, որ չէի ճանչնար, ինծի ծառայեց։ Իրենց ականջներով լսածներուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան. Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին՝ ՝։ Օտարները տկարացան Եւ իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։ Տէրը կենդանի է։ Իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ Եւ իմ փրկութեանս Աստուածը բարձր ըլլայ։ Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէ Ու ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։ Իմ թշնամիներէս զիս կը փրկէ. Նաեւ զիս իմ հակառակորդներէս աւելի բարձրացուցիր Ու բռնաւոր մարդէն զիս ազատեցիր։ Անոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ։ Ես քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։ Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողը Ու իր օծեալին՝ Դաւիթին ու անոր սերունդին Յաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է ։ Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ Ու երկնքի հաստատութիւնը անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ։ Օրը օրին կը յայտնէ խօսքը Ու գիշերը գիշերին կը ցուցնէ գիտութիւնը։ Չկայ զրոյց ու չկան խօսքեր. Անոնց ձայնը չի լսուիր։ Բայց ամէն երկիր ելաւ անոնց հնչիւնը Ու մինչեւ աշխարհի ծայրը՝ անոնց խօսքը։ Անոնց մէջ արեւին համար վրան մը կանգնեց. Անիկա իր առագաստէն ելած փեսայի պէս է, Հզօր մարդու պէս իր ճամբան վազելով կ’ուրախանայ։ Անոր ելքը երկնքի ծայրէն է Ու անոր շրջանը մինչեւ անոնց ծայրերը Եւ անոր տաքութենէն բան մը չի ծածկուիր։ Տէրոջը օրէնքը կատարեալ է, հոգին կը նորոգէ. Տէրոջը վկայութիւնը ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ։ Տէրոջը կանոնները շիտակ են, սիրտը կ’ուրախացնեն։ Տէրոջը պատուիրանքները պայծառ են, աչքերուն լոյս կու տան։ Տէրոջը վախը սուրբ է, յաւիտեան կը մնայ։ Տէրոջը դատաստանները ճշմարիտ ու բոլորովին արդար են։ Ցանկալի են անոնք ոսկիէն ու շատ փորձուած ոսկիէն. Մեղրէն անոյշ են ու խորիսխէ կաթած մեղրէն։ Քու ծառադ անոնցմով կը խրատուի Ու զանոնք պահելուն վարձքը շատ է։ Ո՞վ կրնայ միտք առնել իր յանցանքները։ Ծածուկ մեղքերէն զիս մաքրէ. Ամբարտաւան մեղքերէն ալ պահէ քու ծառադ, Թող անոնք ինծի չտիրեն։ Այն ատեն անմեղ կ’ըլլամ Ու կը մաքրուիմ մեծ անօրէնութենէ։ Բերնիս խօսքերը ու սրտիս խորհուրդը Քու առջեւդ ընդունելի ըլլան, Ո՛վ Տէր, իմ վէ՛մս ու փրկի՛չս։ Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի, Յակոբին Աստուծոյն անունը քեզ պաշտպանէ. Օգնութիւն ղրկէ քեզի սուրբ տեղէն Ու Սիօնէն զօրացնէ քեզ։ Քու ամէն ընծաներդ յիշէ Եւ քու ողջակէզներդ ընդունի։ (Սէլա։) Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ Եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ։ Քու փրկութիւնովդ պիտի ուրախանանք Ու մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակը վերցնենք։ Տէրը կատարէ քու ամէն խնդրուածքներդ։ Հիմա գիտցայ թէ Տէրը կը պահէ իր օծեալը, Անոր պատասխան կու տայ իր սուրբ երկնքէն՝ Իր աջ ձեռքին փրկութեան ուժովը։ Ոմանք՝ կառքերու եւ ոմանք ալ ձիերու կ’ապաւինին, Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։ Անոնք կորացան ու ինկան, Բայց մենք ելանք ու շիտակ կանգնեցանք։ Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ թագաւորը, Պատասխան տուր մեզի մեր կանչելու օրը՝ ՝։ Ո՛վ Տէր, քու զօրութիւնովդ թագաւորը ուրախ պիտի ըլլայ Ու քու փրկութիւնովդ ո՜րչափ շատ պիտի ցնծայ։ Անոր սրտին փափաքը իրեն տուիր Ու անոր շրթունքներուն խնդիրքը իրմէ չարգիլեցիր։ (Սէլա։) Վասն զի բարութեան օրհնութիւններով անոր հասար. Անոր գլուխը մաքուր ոսկիէ պսակ դրիր։ Քեզմէ կեանք խնդրեց Ու անոր երկայն օրեր տուիր յաւիտեանս յաւիտենից։ Անոր փառքը մեծ է քու փրկութիւնովդ. Փառք ու վայելչութիւն դրիր անոր վրայ։ Վասն զի օրհնութիւնները անոր վրայ հաստատեցիր յաւիտեան. Քու ներկայութեանդ ցնծութեամբ ուրախացուցիր զայն։ Վասն զի թագաւորը Տէրոջը կը յուսայ Ու Բարձրելոյն ողորմութիւնովը պիտի չսասանի։ Քու ձեռքդ պիտի գտնէ քու բոլոր թշնամիներդ Քու աջ ձեռքդ պիտի գտնէ քեզ ատողները։ Զանոնք կրակի հնոցի պէս պիտի ընես քու բարկութեանդ ժամանակը. Տէրը իր բարկութիւնովը բոլորովին պիտի կորսնցնէ՝ ՝ զանոնք Ու կրակը պիտի ուտէ զանոնք։ Անոնց զաւակը երկրէն պիտի կորսնցնես Ու անոնց սերունդը՝ մարդոց որդիներէն։ Եթէ քեզի դէմ չարութիւն ծրագրեն, Եթէ նենգութիւն խորհին, պիտի չկրնան կատարել ։ Վասն զի դու անոնց կռնակը ետ պիտի դարձնես. Քու նետերդ անոնց երեսին դէմ՝ լարերդ անոնց պիտի ուղղես։ Ո՛վ Տէր, քու ուժովդ փառաւորուէ։ Պիտի երգենք ու սաղմոս ըսենք քու զօրութեանդ։ Աստուա՛ծ իմ, Աստուած իմ, զիս ինչո՞ւ թողուցիր։ Զիս փրկելէն ու պոռալուս խօսքերէն հեռու կեցար։ Ո՛վ իմ Աստուածս, ցորեկը քեզի կը կանչեմ ու չես պատասխաներ. Եւ գիշերը կը կանչեմ ու չեմ դադարիր։ Բայց դուն սուրբ ես, Ով Իսրայէլի գովաբանութիւններուն մէջ բնակող։ Մեր հայրերը քեզի յուսացին։ Յուսացին ու փրկեցիր զանոնք։ Քեզի աղաղակեցին ու ազատեցան. Քեզի յուսացին ու չամչցան. Բայց ես որդ եմ ու մարդ չեմ, Մարդոց մէջ՝ քամահարուած ու ժողովուրդներուն մէջ՝ անարգուած։ Բոլոր զիս տեսնողները զիս ծաղր կ’ընեն. Շրթունք կը բանան, գլուխ կ’երերցնեն, Ըսելով. «Տէրոջը յուսաց, թող փրկէ զանիկա. Թող ազատէ զանիկա, վասն զի անոր հաւնեցաւ»։ Բայց զիս մօրս արգանդէն հանողը դուն ես. Մօրս ծիծը եղած ատենս դուն ինծի յոյս տուիր։ Արգանդէն ես քեզի յանձնուեցայ. Իմ մօրս որովայնէն դուն ես իմ Աստուածս։ Մի՛ հեռանար ինծմէ, վասն զի նեղութիւնը մօտ է, Վասն զի օգնող մը չկայ։ Շատ զուարակներ չորս կողմս առին, Բասանի ցուլերը զիս պաշարեցին։ Իրենց բերանը իմ վրաս բացին՝ Յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս ։ Ջուրի պէս թափուեցայ Ու բոլոր ոսկորներս քակուեցան. Սիրտս մոմի պէս եղաւ, Հալեցաւ փորիս մէջ։ Չորցաւ իմ ոյժս հողէ ամանի մը պէս Ու լեզուս քիմքիս փակաւ Եւ զիս մահուան հողը դրիր։ Վասն զի շուները չորս կողմս առին, Չարերուն ժողովը զիս պատեց, Ձեռքերս ու ոտքերս ծակեցին։ Իմ բոլոր ոսկորներս կրնամ համրել. Անոնք կը նային, կը տեսնեն զիս։ Իմ հանդերձներս իրենց մէջ կը բաժնեն Ու պատմուճանիս վրայ վիճակ կը ձգեն։ Բայց դուն, ո՛վ Տէր, մի՛ հեռանար ինծմէ. Ո՛վ իմ զօրութիւնս, շուտով ինծի օգնութեան հասիր. Իմ անձս սուրէն ազատէ Ու կեանքս՝ շանը ձեռքէն։ Փրկէ՛ զիս առիւծին բերնէն Ու վշտացած հոգիս՝ միեղջերուներուն եղջիւրներէն։ Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, Ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ։ Ո՛վ Տէրոջմէ վախցողներ, գովեցէ՛ք զանիկա. Ո՛վ Յակոբի զաւակներ, փառաւորեցէ՛ք զանիկա, Վախցէ՛ք անկէ, Իսրայէլի՛ զաւակներ։ Վասն զի չանարգեց ու չքամահարեց տառապեալին տառապանքը Ու երեսը անկէ չդարձուց. Հապա իրեն կանչած ատենս լսեց։ Քեզմով պիտի ըլլայ իմ գովութիւնս մեծ ժողովին մէջ. Իմ ուխտերս անկէ վախցողներուն առջեւ պիտի կատարեմ։ Տնանկները պիտի ուտեն ու կշտանան. Տէրը պիտի գովեն զանիկա փնտռողները։ Ձեր սիրտը յաւիտեան պիտի ապրի։ Պիտի յիշեն ու Տէրոջը դառնան երկրի ամէն ծայրերէն։ Ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն ազգերուն տոհմերը։ Վասն զի թագաւորութիւնը Տէրոջն է Ու ան կը տիրէ ազգերուն վրայ։ Երկրի բոլոր հպարտները երկրպագութիւն պիտի ընեն. Ամէն հողը իջնող ծունկ պիտի կրկնէ անոր առջեւ Ու ան ալ, որ իր անձը չի կրնար ապրեցնել։ Զաւակը պիտի ծառայէ անոր։ Տէրոջը վրայով պիտի պատմուի յաջորդ սերունդին մէջ, Անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն Այն ժողովուրդին, որ պիտի ծնանի։ Թէ այս բանը ա՛ն կատարեց։ Տէրը իմ հովիւս է. Ես բանի մը կարօտութիւն պիտի չունենամ։ Զիս խոտաւէտ արօտներու մէջ կը պառկեցնէ, Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ’առաջնորդէ։ Հոգիս կը նորոգէ։ Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներու մէջ կ’առաջնորդէ ինծի։ Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, Չարէն պիտի չվախնամ, Վասն զի դուն ինծի հետ ես, Քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն։ Սեղան կը պատրաստես իմ առջեւս իմ թշնամիներուս դիմաց. Իմ գլուխս իւղով կ’օծես, Իմ բաժակս խիստ լեցուն է։ Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան Կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ Ու շատ օրեր Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ։ Տէրոջն է երկիրն ու անոր լիութիւնը։ Աշխարհն ու անոր բնակիչները։ Վասն զի ինք անոր հիմերը ծովերուն վրայ ձգեց Ու զանիկա գետերուն վրայ հաստատեց։ Ո՞վ պիտի ելլէ Տէրոջը լեռը, Կամ ո՞վ պիտի կենայ անոր սուրբ տեղը։ Ձեռքերով սուրբը ու սրտով մաքուրը, Որ ստութեան անձնատուր չեղաւ Ու նենգութեամբ երդում չըրաւ. Անիկա Տէրոջմէն օրհնութիւն պիտի ստանայ Ու իր փրկութեանը Աստուծմէն՝ արդարութիւն։ Զանիկա փնտռողներուն ցեղը այս է. Քու երեսդ խնդրողը Յակոբն է՝ ՝։ (Սէլա։) Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։ Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը, Կարող ու հզօր Տէրը, Պատերազմի մէջ հզօր Տէրը։ Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք Ու վերցուեցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, Որպէս զի փառաց Թագաւորը մտնէ։ Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը։ Զօրքերուն Տէրը, Ինքն է փառաց Թագաւորը։ (Սէլա։) Ո՛վ Տէր, իմ անձս քեզի վերցուցի։ Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացի. թող չամչնամ Ու թշնամիներս իմ վրաս չցնծան։ Բոլոր քեզի սպասողները թող չամչնան. Ունայնութեամբ անօրէնութիւն ընողները թող ամչնան։ Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, Քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի, Քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։ Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր։ Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ ու ողորմութիւններդ յիշէ, Վասն զի յաւիտենական են։ Մանկութեան մեղքերս ու յանցանքներս մի՛ յիշեր, Հապա քու ողորմութիւնովդ զիս յիշէ՝ Քու բարութեանդ համար, ո՛վ Տէր։ Տէրը բարի եւ ուղիղ է. Անոր համար մեղաւորներուն կը սորվեցնէ ճամբան։ Դատաստանի մէջ պիտի առաջնորդէ հեզերուն Ու իր ճամբան հեզերուն պիտի սորվեցնէ։ Տէրոջը բոլոր ճամբաները ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն են՝ Իր ուխտը ու վկայութիւնները պահողներուն։ Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար Ներէ իմ անօրէնութիւնս, վասն զի մեծ է։ Ո՞վ է այն մարդը որ Տէրոջմէն կը վախնայ։ Ահա անոր պիտի սորվեցնէ իր ընտրած ճամբան։ Անոր անձը բարութեան մէջ պիտի բնակի Ու անոր սերունդը երկիրը պիտի ժառանգէ։ Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է Ու իր ուխտը անոնց կը սորվեցնէ։ Իմ աչքերս ամէն ատեն Տէրոջը կը նային, Վասն զի ան պիտի հանէ իմ ոտքերս որոգայթէն։ Ինծի դարձիր ու ողորմէ ինծի, Վասն զի մինակ ու վշտացած եմ։ Սրտիս նեղութիւնները շատցան. Իմ վիշտերէս զիս դուրս հանէ։ Իմ նեղութեանս ու տառապանքիս նայէ Ու բոլոր մեղքերս ներէ։ Տե՛ս իմ թշնամիներս, վասն զի շատցան Ու սաստիկ ատելութիւնով զիս ատեցին։ Պահէ՛ իմ անձս ու փրկէ՛ զիս. Թող չամչնամ, վասն զի քեզի յուսացի։ Կատարելութիւնը եւ ուղղութիւնը զիս թող պահեն, Վասն զի քեզի սպասեցի։ Ո՛վ Աստուած, փրկէ Իսրայէլը Իր ամէն նեղութիւններէն։ Ո՛վ Տէր, զիս դատէ, Վասն զի իմ անարատութիւնովս քալեցի։ Տէրոջը յուսացի, պիտի չսասանիմ։ Ո՛վ Տէր, զիս փորձէ ու քննէ, Փորձէ իմ երիկամունքներս ու սիրտս։ Վասն զի քու ողորմութիւնդ իմ աչքերուս առջեւ է Ու քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեցի։ Խարդախ մարդոց հետ չնստեցայ Ու կեղծաւորներու պիտի չընկերանամ։ Չարերուն ժողովը ատեցի Ու ամբարիշտներուն հետ պիտի չնստիմ։ Անմեղութիւնով ձեռքերս պիտի լուամ Եւ քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Տէր, Որպէս զի շնորհակալութեան ձայնը լսել տամ Ու քու բոլոր սքանչելիքներդ պատմեմ։ Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը Եւ քու փառքիդ կեցած տեղը։ Մի՛ կորսնցներ իմ անձս մեղաւորներուն հետ Ու իմ կեանքս՝ արիւնահեղ մարդոց հետ, Որոնց ձեռքերուն մէջ անօրէնութիւն կայ Ու անոնց աջ ձեռքը կաշառքով լեցուն է։ Բայց ես իմ անարատութիւնովս պիտի քալեմ. Զիս փրկէ՛ ու ինծի ողորմէ՛։ Իմ ոտքս ուղղութեան մէջ կը կենայ։ Ժողովներուն մէջ Տէրը պիտի օրհնեմ։ Տէրը իմ լոյսս ու փրկութիւնս է, Ես որմէ՞ պիտի վախնամ։ Տէրը իմ կեանքիս ապաւէնն է, Ես որմէ՞ պիտի դողամ։ Չարերուն իմ մարմինս ուտելու համար ինծի մօտեցած ատենը՝ Իմ նեղիչներս ու թշնամիներս սահեցան ու ինկան։ Եթէ վրաս զօրքի բանակ ելլէ, Սիրտս պիտի չվախնայ։ Եթէ ինծի դէմ պատերազմի պատրաստութիւն ըլլայ, Դարձեալ ես վստահ պիտի ըլլամ։ Բան մը կը խնդրեմ Տէրոջմէն Ու ասիկա կ’աղաչեմ, Որ կեանքիս բոլոր օրերը Տէրոջը տանը մէջ բնակիմ՝ Տէրոջը վայելչութիւնը տեսնելու Ու անոր տաճարին մէջ զինք խնդրելու համար։ Վասն զի չար օրուան մէջ՝ Իր բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ, Իր վրանին ծածկոցովը զիս պիտի ծածկէ, Վէմի վրայ պիտի վերցնէ զիս։ Ու հիմա իմ գլուխս պիտի բարձրանայ Իմ բոլորտիքս եղող թշնամիներուս վրայ։ Ու անոր վրանին մէջ ուրախութեան ձայնով զոհեր պիտի մատուցանեմ, Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ Տէրոջը։ Ո՛վ Տէր, ձայնս լսէ՛ կանչելու ատենս Ու ողորմէ՛ եւ պատասխան տուր ինծի։ «Իմ երեսս փնտռեցէք», ըսիր Իմ սիրտս ալ քեզի ըսաւ. «Քու երեսդ պիտի փնտռեմ, ո՛վ Տէր»։ Քու երեսդ ինծմէ մի՛ ծածկեր, Բարկութիւնովդ ծառադ մէկդի մի՛ ձգեր. Ինծի օգնական եղար, զիս մի՛ մերժեր Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ իմ փրկութեանս Աստուածը։ Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն, Բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի։ Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր Ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ՝ թշնամիներուս համար։ Զիս իմ թշնամիներուս կամքին մի՛ մատներ, Վասն զի իմ վրաս սուտ վկաներ Ու անիրաւութիւն փչողներ ելան։ Հաւատացի թէ Տէրոջը բարութիւնը պիտի տեսնեմ Կենդանիներուն երկրին մէջ։ Տէրոջը սպասէ՛։ Զօրացի՛ր ու սիրտդ թող զօրանայ։ Դարձեա՛լ Տէրոջը սպասէ։ Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ։ Ո՛վ իմ Վէմս, մի՛ լռեր, Չըլլայ որ լռելուդ համար, Գերեզմանը իջնողներուն նմանիմ։ Լսէ՛ իմ խնդրուածքիս ձայնը Երբ քեզի աղաչեմ, Երբ իմ ձեռքերս վերցնեմ Դէպի քու սուրբ դաբիրդ։ Զիս մի՛ կորսնցներ ամբարիշտներուն հետ Ու անօրէնութիւն գործողներուն հետ, Որոնք իրենց ընկերներուն հետ խաղաղութեամբ կը խօսին, Բայց սրտերնուն մէջ չարութիւն կայ։ Հատուցանէ անոնց իրենց գործերուն համեմատ Ու իրենց ըրած չարութեանը համեմատ. Իրենց ձեռքերուն գործերուն համաձայն Հատուցում ըրէ անոնց։ Որովհետեւ անոնք Տէրոջը ըրածները Ու անոր ձեռքերուն գործերը նկատի չեն առներ, Պիտի կործանէ զանոնք ու ա՛լ պիտի չշինէ։ Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Որ լսեց իմ աղօթքիս ձայնը։ Տէրը զօրութիւնս ու ասպարս է. Իմ սիրտս անոր յուսաց ու ես օգնութիւն գտայ։ Ուստի սիրտս ուրախացաւ Եւ ես իմ երգովս զանիկա պիտի գովեմ։ Տէրը անոնց ոյժն է Ու իր օծեալին փրկութեանը պարիսպն է։ Փրկէ՛ քու ժողովուրդդ Ու օրհնէ՛ քու ժառանգութիւնդ, Նաեւ հովուէ զանոնք ու յաւիտեան բարձրացուր։ Տէրոջը տուէք, ո՛վ հզօրաց որդիներ, Տէրո՛ջը տուէք փառք ու զօրութիւն։ Տէրո՛ջը տուէք իր անուան փառքը, Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք սրբութեան զարդարանքով։ Տէրոջը ձայնը ջուրերուն վրայ է։ Փառաց Աստուածը կ’որոտայ։ Տէրը շատ ջուրերու վրայ է։ Տէրոջը ձայնը ուժով է։ Տէրոջը ձայնը վեհափառութիւնով է։ Տէրոջը ձայնը եղեւինները կը կոտրէ Ու Տէրը կը կոտրտէ Լիբանանի եղեւինները. Զանոնք կը ցատկեցնէ հորթի պէս, Լիբանանը ու Սարիօնը՝ միեղջերուներու ձագի պէս։ Տէրոջը ձայնը կրակին բոցերը կը ճեղքէ։ Տէրոջը ձայնը կը դողացնէ անապատը։ Տէրը Կադէսի անապատը կը դողացնէ։ Տէրոջը ձայնը եղնիկները կը ծնցնէ Ու անտառները կը մերկացնէ. Անոր տաճարին մէջ ամէնքն ալ անոր փառքը կը հռչակեն։ Տէրը ջրհեղեղին վրայ կը նստի, Տէրը յաւիտեան թագաւոր պիտի ըլլայ։ Տէրը իր ժողովուրդին զօրութիւն պիտի տայ, Տէրը իր ժողովուրդը խաղաղութիւնով պիտի օրհնէ։ Ո՛վ Տէր, կը բարձրացնեմ քեզ, վասն զի զիս ազատեցիր Ու թշնամիներս իմ վրաս չուրախացուցիր։ Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, քեզ օգնութեան կանչեցի Ու զիս բժշկեցիր։ Ո՛վ Տէր, իմ անձս գերեզմանէն հանեցիր, Գուբը իջնողներուն մէջէն զիս ապրեցուցիր։ Սաղմո՛ս երգեցէք Տէրոջը, ո՛վ անոր սուրբերը Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։ Վասն զի մէկ րոպէ է իր բարկութիւնը, Բայց իր հաճութիւնը՝ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին. Իրիկունը լաց կայ, Բայց առտուն՝ ուրախութիւն։ Ես իմ յաջողութեանս մէջ ըսի թէ՝ «Յաւիտեան պիտի չսասանիմ»։ Ո՛վ Տէր, քու հաճութիւնովդ իմ լեռս հաստատուն ըրիր. Երեսդ ծածկեցիր ու ես խռովեցայ։ Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ Ու Տէրոջը աղաչանք կ’ընեմ։ Իմ արիւնէս ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ Եթէ ես գուբը իջնեմ։ Միթէ հողը քեզ պիտի գովէ՞, Կամ անիկա պիտի պատմէ՞ քու ճշմարտութիւնդ։ Լսէ՛, ո՛վ Տէր ու ողորմէ՛ ինծի. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնական եղիր։ Իմ սուգս պարի փոխեցիր, Քուրձս ինծմէ հանեցիր Եւ ինծի ուրախութիւն հագցուցիր, Որպէս զի իմ փառքս սաղմոս երգէ քեզի ու ալ չլռէ։ Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, յաւիտեան քեզ պիտի գովեմ։ Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի, Յաւիտեան պիտի չամչնամ. Քու արդարութիւնովդ զիս ազատէ։ Քու ականջդ ինծի խոնարհեցուր, Շուտով զիս ազատէ։ Ինծի ամրութեան վէմ մը եղիր Եւ զիս ապրեցնելու համար՝ ապաստանի տուն մը։ Վասն զի իմ Վէմս ու բերդս դուն ես Եւ քու անուանդ համար ինծի առաջնորդէ ու զիս կառավարէ։ Որոգայթէն զիս հանէ, որ ինծի համար գաղտուկ լարած են։ Վասն զի իմ զօրութիւնս դուն ես։ Իմ հոգիս քու ձեռքդ կը յանձնեմ։ Ո՜հ Եհովա՝ Աստուա՛ծ ճշմարտութեան՝ դուն զիս փրկեցիր։ Սնոտի ունայնութիւններ պահողները ատեցիր, Բայց ես Տէրոջը յուսացի։ Քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ եւ ուրախ ըլլամ. Վասն զի իմ թշուառութիւնս տեսար Ու իմ տառապանքներս գիտցար։ Զիս թշնամիին ձեռքը չմատնեցիր, Հապա իմ ոտքերս լայնարձակ տեղ մը կանգնեցուցիր։ Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, վասն զի նեղութեան մէջ եմ. Սրտնեղութենէ մաշեցան իմ աչքս, իմ անձս ու իմ մարմինս։ Վասն զի իմ կեանքս՝ տրտմութենէ Ու տարիներս հառաչանք ընելէ սպառեցան. Իմ ոյժս թշուառութենէս տկարացաւ, Ոսկորներս ալ մաշեցան։ Իմ բոլոր թշնամիներուս, մանաւանդ դրացիներուս առջեւ նախատուեցայ Ու իմ ծանօթներուս երկիւղ եղայ. Զիս դուրսը տեսնողները ինծմէ կը փախչէին։ Մեռածի պէս սրտէ մոռցուեցայ, Կորսուած ամանի նմանեցայ։ Շատերու բամբասանքը լսեցի։ Չորս կողմս վախ կար։ Երբ անոնք ինծի համար մէկտեղ հաւաքուեցան, Խորհուրդ կ’ընէին, որ հոգիս առնեն։ Բայց ես քեզի՛ յուսացի, ո՛վ Տէր. Ըսի թէ՝ «Դուն ես իմ Աստուածս». Իմ ժամանակներս քու ձեռքդ են. Փրկէ՛ զիս թշնամիներուս ձեռքէն ու զիս հալածողներէն։ Քու ծառայիդ վրայ երեսդ փայլեցուր, Քու ողորմութիւնովդ զիս փրկէ։ Ո՛վ Տէր, չամչնամ, Վասն զի քեզի կանչեցի։ Ամբարիշտները թող ամչնան Ու գերեզմանին մէջ թող լուռ կենան։ Թող պապանձին ստախօս շրթունքները, Որոնք հպարտութեամբ եւ նախատինքով Ամբարտաւանութիւն կը խօսին արդարին դէմ։ Ո՜րչափ մեծ է քու բարութիւնդ Որ քեզմէ վախցողներուն համար պահեցիր Ու քեզի յուսացողներուն համար ըրիր՝ Մարդոց որդիներուն առջեւ։ Զանոնք քու երեսիդ ծածկոցովը պիտի ծածկես, Մարդոց դաւաճանութիւններէն. Խորանի մէջ պիտի ծածկես զանոնք Լեզուներուն հակառակութենէն։ Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը, Վասն զի իր զարմանալի ողորմութիւնը ցուցուց ինծի Պարսպաւոր քաղաքի մէջ։ Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի թէ՝ «Ես քու աչքերէդ ինկայ». Սակայն դուն իմ աղօթքիս ձայնը լսեցիր, Երբ քեզի աղաղակեցի։ Տէ՛րը սիրեցէք, ո՛վ անոր բոլոր սուրբեր, Վասն զի Տէրը հաւատացեալները կը պահէ Ու ամբարտաւանութիւն ընողներուն առատօրէն հատուցում կ’ընէ։ Կտրի՛ճ եղէք ու ձեր սիրտը թող զօրանայ, Դուք ամէնքդ, որ Տէրոջը կը յուսաք։ Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ Ու անոր մեղքերը ծածկուեցան։ Երանի՜ այն մարդուն՝ որուն՝ Տէրը անօրէնութիւն չի սեպեր Ու անոր հոգիին մէջ նենգութիւն չկայ։ Երբ մեղքերս չխոստովանեցայ, ոսկորներս մաշեցան Ամէն օր աղաղակելովս, Վասն զի ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ. Իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ։ (Սէլա։) Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի Ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։ Ըսի թէ՝ «Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս»։ Ու դուն ներեցիր իմ մեղքիս անօրէնութիւնը։ (Սէլա։) Ասոր համար ամէն աստուածապաշտ աղօթք պիտի ընէ քեզի Քու գտնուելու ժամանակդ։ Արդարեւ շատ ջուրերու հեղեղներուն ատենը Անոր պիտի չմօտենան։ Դուն ես իմ ապաստանարանս։ Նեղութենէն զիս պիտի պահես։ Դուն զիս պիտի պատես ազատութեան երգերով։ (Սէլա։) Քեզի պիտի սորվեցնեմ ու երթալու ճամբադ պիտի ցուցնեմ քեզի. Քեզ պիտի խրատեմ՝ ՝, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ։ Ձիու պէս ու ջորիի պէս մի՛ ըլլաք, որոնք միտք չունին Ու իրենց սանձով ու պախուրցով կապելու ես, որպէս զի քեզի չմօտենան։ Ամբարշտին տանջանքները շատ պիտի ըլլան, Սակայն սէրը պիտի պատէ Տէրոջը յուսացողին չորս կողմը։ Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ուրախ եղէ՛ք ու ցնծացէ՛ք, Ցնծութեամբ երգեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ սրտով ուղիղ էք։ Ո՛վ արդարներ, Տէրոջմով ցնծացէք։ Ուղիղներուն կը վայլէ օրհնութիւն երգել ։ Գովեցէ՛ք Տէրը քնարով։ Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս երգեցէ՛ք անոր։ Նոր երգ մը երգեցէ՛ք անոր, Վարպետութեամբ նուագարանները զարկէ՛ք՝ ցնծութեան ձայնով, Վասն զի Տէրոջը խօսքը շիտակ է Ու անոր բոլոր գործերը ճշմարտութեամբ են։ Անիկա արդարութիւնը ու իրաւունքը կը սիրէ։ Տէրոջը ողորմութիւնովը երկիրը լեցուն է։ Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւ Ու իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը։ Ծովուն ջուրերը դէզի մը պէս՝ ՝ կը հաւաքէ, Անդունդները շտեմարաններու մէջ կը դնէ։ Ամէն երկիր թող Տէրոջմէն վախնայ Ու անկէ դողան աշխարհի բոլոր բնակիչները։ Վասն զի անիկա ըսաւ ու եղաւ։ Ինք հրամայեց ու հաստատուեցաւ։ Տէրը կը ցրուէ հեթանոսներուն խորհուրդները, Փուճ կը հանէ ժողովուրդներուն դիտաւորութիւնները։ Տէրոջը խորհուրդը յաւիտեան կը մնայ Ու անոր սրտին դիտաւորութիւնները՝ ազգէ մինչեւ ազգ։ Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն է Ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց։ Տէրը երկնքէն կը նայի Եւ բոլոր մարդոց որդիները կը տեսնէ։ Իր բնակութեանը տեղէն Աշխարհի բոլոր բնակիչները կը դիտէ։ Անոնց սրտերը հաւասարապէս ինք ստեղծեց։ Անոնց բոլոր ըրածները կ’իմանայ։ Թագաւոր մը զօրքի շատութիւնովը չազատիր, Ոչ ալ զօրաւոր մարդ մը ուժի շատութիւնով կը փրկուի։ Ձին ազատութեան համար պարապ բան է Ու իր ուժին շատութիւնովը չի կրնար ազատել։ Ահա Տէրոջը աչքը իրմէ վախցողներուն Ու իր ողորմութեանը յուսացողներուն վրայ է, Անոնց անձը՝ մահուանէ փրկելու Եւ սովի ժամանակ զանոնք ապրեցնելու համար։ Մեր անձը Տէրոջը կը սպասէ։ Մեր օգնութիւնը ու մեր վահանը անիկա է, Վասն զի մեր սրտերը անով կ՛ուրախանան, Քանզի անոր սուրբ անուանը յուսացինք։ Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մեր վրայ ըլլայ, Ինչպէս քեզի կը յուսանք։ Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։ Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ։ Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի։ Խոնարհները պիտի լսեն եւ ուրախ ըլլան։ Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛ք Ու մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը։ Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ Եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։ Անոր նայեցան ու լոյս առին Եւ անոնց երեսները չամչցան։ Այս աղքատը աղաղակեց ու Տէրը լսեց անոր Եւ զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն փրկեց։ Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ Ու զանոնք կ’ազատէ։ Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։ Տէրոջմէ վախցէ՛ք, ո՛վ անոր սուրբեր, Վասն զի անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չըլլար։ Առիւծի կորիւնները չքաւորութիւն ու անօթութիւն կը կրեն, Սակայն Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ։ Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի, Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ։ Ո՞վ է այն մարդը որ ապրիլ կ’ուզէ Ու շատ օրեր կը սիրէ՝ բարութիւն տեսնելու համար։ Քու լեզուդ չարութենէ պահէ Ու շրթունքներդ՝ նենգութիւն խօսելէ։ Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ, Խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛։ Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են Ու անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։ Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է, Անոնց յիշատակը երկրէն բնաջնջելու համար։ Արդարները կ’աղաղակէն ու Տէրը կը լսէ Ու իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք։ Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է Ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։ Արդարին նեղութիւնները շատ են, Բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա։ Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ, Անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր։ Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ Ու արդարը ատողները պիտի դատապարտուին։ Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէ Եւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի։ Ո՛վ Տէր, ինծի հետ հակառակողներուն հետ հակառակէ՛. Ինծի հետ պատերազմողներուն հետ պատերազմէ՛։ Ասպարը ու վահանը ա՛ռ Ու ելի՛ր ինծի օգնութիւն ընելու։ Նաեւ նիզակը քաշէ՛ ու ճամբան գոցէ՛ զիս հալածողներուն դէմ. Ըսէ՛ անձիս. «Քու փրկութիւնդ ես եմ»։ Իմ անձս փնտռողները թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան։ Թող ետ դառնան ու ամչնան Անոնք, որ ինծի համար չարութիւն կը խորհին։ Հովին առջեւ եղած մղեղին պէս թող ըլլան անոնք Եւ Տէրոջը հրեշտակը փախցնէ զանոնք ։ Անոնց ճամբան թող խաւար ու սահուն ըլլայ Եւ Տէրոջը հրեշտակը թող հալածէ զանոնք։ Վասն զի զո՜ւր տեղը իրենց որոգայթը փոսի մէջ ինծի համար ծածկեցին Ու զո՜ւր տեղը փոս փորեցին անձիս համար։ Թող անոր վրայ յանկարծ աւերում գայ Եւ իր ծածկած որոգայթը զինք բռնէ, Նոյն աւերման մէջ իյնայ։ Սակայն իմ անձս Տէրոջմով պիտի ցնծայ, Անոր փրկութիւնովը ուրախ պիտի ըլլայ։ Իմ բոլոր ոսկորներս պիտի ըսեն. «Տէ՛ր, ո՞վ քեզի նման է, Որ աղքատը կ’ազատես անկէ, որ կը բռնանայ անոր վրայ Ու աղքատը եւ տնանկը՝ իրենց յափշտակողէն»։ Սուտ վկաներ ելան, Չգիտցածներս կը հարցնէին ինծի։ Աղէկութեան փոխարէն ինծի գէշութիւն ըրին։ Հոգիս անօգնական է։ Բայց ես անոնց հիւանդութեան ատեն քուրձ կը հագնէի. Իմ անձս ծոմով կը չարչարէի Ու իմ աղօթքս իմ ծոցս պիտի դառնայ՝ ՝։ Ինչպէս իմ ընկերիս կամ եղբօրս հետ՝ այնպէս ալ անոնց հետ կը վարուէի, Իր մօրը համար սուգ ունեցողի մը պէս տրտմութեամբ կը խոնարհէի։ Բայց անոնք իմ ինկած ատենս միասնաբար խնդացին։ Զարնողները իմ դէմ հաւաքուեցան, բայց ես բան մը չէի գիտեր։ Պատռեցին զիս, առանց դադարի. Խնճոյքի կեղծաւոր խեղկատակներու հետ Ակռանին իմ վրաս կը կրճտէին։ Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի նայիս։ Ազատէ՛ իմ անձս անոնց աւերումներէն, Իմ կեանքս՝ առիւծի կորիւններէն։ Այն ատեն մեծ ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ, Մեծ բազմութեան մէջ քեզ պիտի օրհնեմ։ Զուր տեղը ինծի թշնամի եղողները՝ թող իմ վրաս չխնդան, Առանց պատճառի զիս ատողները աչքով նշան թող չընեն։ Վասն զի խաղաղութիւն չեն խօսիր, Հապա երկրին մէջ հանդարտներուն դէմ նեղութիւն կը խորհին, Իրենց բերանը ինծի դէմ կը լայնցնեն՝ ըսելով. «Վա՛շ, վա՛շ, մեր աչքերը տեսան»։ Ո՛վ Տէր, դուն տեսար, լուռ մի՛ կենար. Ո՛վ Տէր, ինծմէ մի՛ հեռանար։ Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ Աստուածս ու Տէրս Ու իմ դատաստանիս ու դատիս հսկէ։ Քու արդարութեանդ համեմատ իրաւունք ըրէ ինծի, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, Որպէս զի վրաս չխնդան. Իրենց սրտին մէջ թող չըսեն թէ «Ահա մեր փափաքածը եղաւ»։ Ու թող չըսեն թէ «Կլլեցինք զանիկա»։ Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան Անոնք, որ իմ չարիքիս վրայ կը խնդան. Իմ վրաս հպարտացողները Թող ամօթ եւ խայտառակութիւն հագնին։ Թող ցնծան եւ ուրախանան Անոնք, որ իմ արդարութիւնս կ’ուզեն Ու միշտ թող ըսեն. «Աստուած թող մեծնայ, Որ իր ծառային խաղաղութիւն կ’ուզէ»։ Իմ լեզուս քու արդարութիւնդ պիտի պատմէ Ու ամէն օր՝ քու գովութիւնդ։ Ամբարշտին չարութեանը վրայով սրտիս մէջի խօսքը այս է. Աստուծոյ վախը չկայ իր աչքերուն առջեւ։ Վասն զի ինքզինք կը շողոքորթէ իր աչքերուն առջեւ՝ Խորհելով թէ իր անօրէնութիւնը յայտնի եւ ատելի չըլլար։ Անոր բերնին խօսքերը անօրէնութիւն ու նենգութիւն են. Իմաստութիւն չունի բարին ընելու համար։ Իր անկողնին մէջ անօրէնութեան վրայ կը մտածէ Ու կը կենայ այնպիսի ճամբու մը մէջ, որ աղէկ չէ Եւ չարէն չի զզուիր։ Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք կը հասնի Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։ Քու արդարութիւնդ հզօր լեռներու պէս է, Քու իրաւունքդ մեծ անդունդ մըն է. Մարդիկն ու անասունները դուն կ’ապրեցնես, ո՛վ Տէր։ Ո՛վ Աստուած, ի՜նչ գերազանց է քու գթութիւնդ։ Մարդոց որդիները քու թեւերուդ հովանաւորութեանը կ’ապաւինին։ Անոնք քու տանդ պարարտութենէն պիտի կշտանան Ու քու հաճութիւններուդ գետէն պիտի խմցնես անոնց։ Վասն զի կեանքի աղբիւրը քու քովդ է. Քու լուսովդ լոյս պիտի տեսնենք։ Քու ողորմութիւնդ քեզ ճանչցողներուն շարունակէ Ու քու արդարութիւնդ՝ սրտով ուղիղներուն։ Ամբարտաւանութեան ոտքը թող իմ վրաս չգայ Ու չարերուն ձեռքը զիս չշարժէ։ Հոն ինկան անօրէնութիւն գործողները. Գետինը զարնուեցան ու չկրցան վեր ելլել։ Չարերուն համար մի՛ նեղանար, Անօրէնութիւն գործողներուն մի՛ նախանձիր, Վասն զի անոնք խոտի պէս շուտով պիտի կտրուին Ու կանանչ խոտի պէս պիտի չորնան։ Տէրոջը յուսա՛ ու բարութիւն ըրէ՛, Երկրին վրայ բնակէ՛ ու ճշմարտութեան մէջ արածուիր Ու Տէրոջմով ուրախացիր, քանզի Անիկա կու տայ քեզի քու սրտիդ խնդրուածքները։ Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ Ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ Ու դուրս պիտի հանէ քու արդարութիւնդ լոյսի պէս Ու քու իրաւունքդ՝ կէսօրուան պէս։ Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր սպասէ՛ Եւ մի՛ նախանձիր իր ճամբան յաջողութեամբ գացողին Ու խաբէութիւն ընող մարդուն։ Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր։ Մի՛ նեղանար, որ չարութիւն ընել չփորձուիս։ Վասն զի չարագործները պիտի կորսուին, Սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։ Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, Անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը Ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան։ Մեղաւորը արդարին դէմ դաւ կը լարէ Ու անոր վրայ ակռաները կը կրճտէ։ Տէրը ծաղր պիտի ընէ զանիկա, Վասն զի անոր օրը հասնելու վրայ կը տեսնէ։ Մեղաւորները թուր քաշեցին Ու աղեղնին լարեցին՝ Աղքատն ու տնանկը վար ձգելու համար, Շիտակ ճամբու մէջ քալողները՝ ՝ սպաննելու համար։ Անոնց թուրը իրենց սիրտը պիտի մտնէ Ու անոնց աղեղները պիտի կոտրտին։ Արդարին քիչ բանը Ամբարիշտներու առատ ստացուածքէն աղէկ է։ Վասն զի ամբարիշտներուն բազուկները պիտի կոտրուին, Բայց արդարներուն ապաւէնը Տէրն է։ Տէրը արդարներուն օրերը գիտէ Եւ անոնց ժառանգութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլայ. Փորձանքի ժամանակ պիտի չամչնան Ու սովի օրերը պիտի կշտանան։ Բայց ամբարիշտները պիտի կորսուին Ու Տէրոջը թշնամիները գառնուկներու ճարպին պէս պիտի սպառին, Մուխի պէս պիտի ցնդին։ Ամբարիշտը փոխ կ’առնէ ու չի վճարեր. Սակայն արդարը կ’ողորմի ու կու տայ։ Վասն զի անոր օրհնածները պիտի ժառանգեն երկիրը, Բայց անկէ անիծուածները պիտի կորսուին։ Բարի մարդուն քայլերը Տէրոջմէ կը հաստատուին Ու Անիկա անոր ճամբուն կը հաւնի։ Թէեւ իյնայ, պիտի չկործանի, Վասն զի Տէրը անոր ձեռքը պիտի բռնէ։ Տղայ էի ու ծերացայ, Բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, Կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։ Ամէն օր կ’ողորմի ու փոխ կու տայ Եւ անոր սերունդը օրհնուած է։ Չարութենէ ետ կեցի՛ր ու բարութիւն ըրէ՛ Եւ յաւիտեան պիտի մնաս. Վասն զի Տէրը կը սիրէ իրաւունքը Եւ իր սուրբերը երեսէ չի ձգեր. Յաւիտեան կը պահուին անոնք, Բայց ամբարիշտներուն սերունդը պիտի կորսուի։ Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը Ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին։ Արդարին բերանը իմաստութեամբ կը խօսի Ու անոր լեզուն իրաւունքը կը յայտնէ։ Իր Աստուծոյն օրէնքը իր սրտին մէջ է Եւ անոր քայլերը պիտի չսահին։ Մեղաւորը արդարը կը դիտէ Եւ զանիկա մեռցնելու ետեւէ կ’ըլլայ։ Տէրը չարին ձեռքը պիտի չձգէ զանիկա Եւ անոր դատաստանը տեսնուած ատեն պիտի չդատապարտէ զանիկա։ Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛ Եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէս զի երկիրը ժառանգես։ Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես։ Ամբարիշտը զօրացած տեսայ Ու իր տեղը կեցող կանանչ ծառի մը պէս տարածուած, Բայց ան անցաւ ու ահա չկայ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։ Արդարը տե՛ս եւ ուղիղին նայէ՛. Վասն զի խաղաղարար մարդը բարի վախճան պիտի ունենայ, Իսկ անօրէնները մէկտեղ պիտի կորսուին։ Ամբարիշտներուն վախճանը կորուստ պիտի ըլլայ, Բայց արդարներուն փրկութիւնը Տէրոջմէն է, Նեղութեան ժամանակ ինք անոնց ապաւէնն է։ Տէրը պիտի օգնէ անոնց եւ պիտի ազատէ զանոնք, Ամբարիշտներէն պիտի ազատէ Ու պիտի փրկէ զանոնք, վասն զի իրեն կը յուսան։ Ո՛վ Տէր, քու սրտմտութիւնովդ զիս մի՛ յանդիմաներ Ու բարկութիւնովդ զիս մի՛ խրատեր։ Վասն զի քու նետերդ իմ ներսիդիս մխուեցան Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս կը ճնշէ։ Իմ մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ՝ քու բարկութեանդ երեսէն Ու ոսկորներուս մէջ հանգստութիւն չկայ իմ մեղքիս պատճառով, Վասն զի անօրէնութիւններս գլխէս վեր բարձրացան, Ծանր բեռի պէս իմ վրաս ծանրացան։ Վէրքերս հոտեցան ու փտտեցան Իմ յիմարութեանս պատճառով։ Նուաստացայ ու խիստ ցածցայ. Ամէն օր տրտում կը պտըտիմ, Վասն զի աղիքներս ջերմութիւնով լեցուեցան Ու մարմնիս մէջ առողջութիւն չկայ։ Տկարացայ ու խիստ ճնշուեցայ. Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի։ Ո՛վ Տէր, իմ ամէն բաղձանքս քու առջեւդ է Ու իմ հեծութիւնս քեզմէ չծածկուեցաւ։ Սիրտս կը բաբախէ, ոյժս պակսեցաւ Ու իմ աչքերուս լոյսը՝ ան ալ ինծի հետ չէ։ Սիրականներս ու ընկերներս իմ չարչարանքիս պատճառով հեռու կը կենան, Ազգականներս ալ հեռու կը կենան Ու անձս փնտռողները ինծի որոգայթ կը լարեն Ու ինծի չարիք ուզողները աւերումի մասին կը խօսին Եւ ամէն օր նենգութեան մասին կը մտածեն։ Սակայն ես խուլի պէս չեմ լսեր Ու բերանը չբացող համրի մը պէս եմ։ Եւ ես այնպիսի մարդու մը պէս եմ, որ չի լսեր Ու հակառակ խօսք չկայ իր բերանը։ Վասն զի, ո՛վ Տէր, ես քեզի կը յուսամ։ Դուն պիտի պատասխանես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Վասն զի ըսի. «Թող չխնդան իմ վրաս, անոնք որ Ոտքիս սահած ժամանակը ինծի դէմ կը հպարտանան»։ Վասն զի ես կաղ ըլլալու պատրաստ եմ Ու իմ ցաւս ամէն ատեն առջեւս է։ Վասն զի անօրէնութիւնս պիտի պատմեմ Ու մեղքիս համար հոգ պիտի ընեմ։ Բայց թշնամիներս ողջ են, ուժովցան։ Զիս զուր տեղը ատողները շատցան։ Ու աղէկութեան փոխարէն գէշութիւն ընողները Ինծի դէմ կը կենան, վասն զի ես աղէկութեան ետեւէ կ’երթամ։ Զիս մի՛ թողուր, ո՛վ Տէր, Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծմէ մի հեռանար։ Ինծի օգնութիւն ընելու արտորցիր, Ո՛վ Տէր, իմ փրկութիւնս։ Ըսի թէ ճամբաներուս զգուշութիւն ընեմ, Որպէս զի լեզուովս մեղք չգործեմ։ Բերանս սանձով պահեմ՝ Ամբարիշտին իմ առջեւս եղած ատենը։ Մունջ եղայ լռութիւնով, Աղէկութեան վրայով ալ լռեցի Ու ցաւս շարժեցաւ։ Սիրտս բորբոքեցաւ ներսիդիս, Ջերմութեանս մէջ կրակը վառեցաւ, Այն ատեն լեզուովս խօսեցայ. «Ցուցո՛ւր ինծի, ո՛վ Տէր, իմ վերջս Եւ օրերուս չափը որչափ է», Որպէս զի գիտնամ թէ ի՛նչպէս անցաւոր եմ։ Ահա իմ օրերս թիզերու չափ դրիր Ու իմ կեանքս ոչնչի պէս է քու առջեւդ։ Իրաւ ամէն մարդ թէեւ հաստատուած ըլլայ, Բայց բոլորովին ունայնութիւն է։ (Սէլա։) Արդարեւ մարդը ստուերի մը պէս կը պտըտի. Արդարեւ փուճ տեղը անհանգիստ կ’ըլլայ. Կը դիզէ, բայց չի գիտեր թէ ո՞վ պիտի առնէ զանոնք։ «Ու հիմա ի՞նչ բանի սպասեմ, ո՛վ Տէր. Իմ յոյսս դուն ես։ Փրկէ զիս իմ բոլոր յանցանքներէս, Զիս յիմարներուն նախատինքին առարկայ մի՛ ըներ։ Մունջ եղայ ու բերանս չբացի, Վասն զի դուն ըրիր։ Քու հարուածդ հեռացո՛ւր ինծմէ. Ձեռքիդ զարնելովը ես կորսուեցայ։ Անօրէնութեան համար յանդիմանութիւններով կը խրատես մարդը, Ցեցի մը պէս կը մաշեցնես անոր ցանկալի բաները. Իրաւ ամէն մարդ ունայնութիւն է։ (Սէլա։) Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս ու ակա՛նջ դիր աղաղակիս. Արցունքներս մի՛ անտեսեր. Վասն զի քու առջեւդ պանդուխտ մըն եմ ես, Հիւր մը իմ բոլոր նախնիքներուս պէս։ Թոյլտուութիւն ըրէ ինծի, որ զուարթանամ, Քանի որ չեմ գացեր այն տեղը որ ա՛լ պիտի չգտնուիմ»։ Սպասելով սպասեցի Տէրոջը, Որ ծռեցաւ ինծի ու լսեց իմ աղաղակս Եւ զիս կորստեան փոսէն, տղմալից կաւէն հանեց Ու ոտքերս վէմի վրայ ամրացուց ու քալուածքս հաստատեց Ու բերանս դրաւ նոր երգ մը, Մեր Աստուծոյ գովութիւնը։ Շատերը պիտի տեսնեն ու պիտի վախնան Ու Տէրոջը պիտի յուսան։ Երանի՜ այն մարդուն, որ իր յոյսը Տէրոջը վրայ կը դնէ Ու չի նայիր հպարտներուն ու ստութեան ետեւէ գացողներուն։ Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ Մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ. Պիտի պատմէի ու խօսէի, Բայց համրանքէն աւելի շատ են։ Զոհի ու ընծայի չհաւնեցար, Հապա իմ ականջներս բացիր։ Ոզջակէզ ու մեղքի պատարագ չպահանջեցիր։ Այն ժամանակ ըսի թէ՝ «Ահա կու գամ ես. Գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է, Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ Ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է»։ Արդարութիւն քարոզեցի շատ ժողովուրդի մէջ։ Ահա շրթունքներս չարգիլեցի, Ո՛վ Տէր, դուն գիտես։ Սրտիս մէջ գաղտուկ չպահեցի քու արդարութիւնդ։ Հաւատարմութիւնդ ու փրկութիւնդ պատմեցի։ Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ժողովուրդէն չծածկեցի։ Դուն, ո՛վ Տէր, քու գթութիւնդ մի՛ հեռացներ ինծմէ. Քու ողորմութիւնդ ու ճշմարտութիւնդ ամէն ժամանակ թող պաշտպանեն զիս։ Վասն զի անթիւ չարիքներ զիս պատեցին. Անօրէնութիւններս ինծի հասան ու ես չեմ կրնար տեսնել։ Գլխուս մազէն շատ են ու սիրտս զիս թողուց։ Ո՛վ Տէր, զիս փրկելու կամք ըրէ. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։ Թող ամչնան ու մէկտեղ խայտառակ ըլլան Իմ անձս փնտռողները՝ զանիկա կորսնցնելու համար։ Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան Ինծի չարութիւն ուզողները։ Թող ամչնալով կործանին Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։ Ամէն քեզ փնտռող Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ։ Քու փրկութիւնդ սիրողները Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Մեծ է Տէրը»։ Թէեւ ես աղքատ ու տնանկ եմ, Սակայն Տէրը հոգ կը տանի ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս դո՛ւն ես։ Ո՛վ իմ Աստուածս, մի՛ ուշանար։ Երանի՜ անոր, որ աղքատին հոգ կը տանի։ Նեղութեան օրը Տէրը պիտի փրկէ զանիկա։ Տէրը պիտի պահէ ու ապրեցնէ զանիկա, Երանելի պիտի ըլլայ երկրի վրայ Ու թշնամիներուն կամքին պիտի չմատնէ զանիկա։ Տէրը անոր ոյժ պիտի տայ տկարութեան անկողնին մէջ. Անոր բոլոր տկարութիւնները պիտի բուժէ հիւանդութեան ատենը։ Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, Բժշկէ՛ իմ անձս, վասն զի ես քեզի դէմ մեղանչեցի»։ Թշնամիներս գէշ կը խօսին իմ վրայովս, Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մեռնի ու անունը կորսուի»։ Եթէ մէկը ինծի գալու ըլլայ զիս տեսնելու համար, ունայն խօսքեր կ’ըսէ։ Իր սիրտը անօրէնութիւն կը հաւաքէ իրեն համար, Որպէս զի դուրս ելլելով խօսի։ Ինծի դէմ մէկտեղ կը փսփսան բոլոր զիս ատողները, Իմ վրայովս չարութիւն կը խորհին. Կ’ըսեն. «Չարութեան բան մը անոր վրայ թափեցաւ Ու հիմա որ պառկած է, ա՛լ պիտի չելլէ»։ Մինչեւ անգամ իմ բարեկամս, որու ապաւիներ էի, Իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց։ Սակայն, ո՛վ Տէր, դուն ողորմէ՛ ինծի ու կանգնեցո՛ւր զիս Ու ես փոխարէնը պիտի տամ անոնց։ Գիտեմ թէ՝ ինծի կը հաւնիս, Անոր համար թշնամիս յաղթական չըլլար։ Զիս իմ անմեղութեանս մէջ կը պահես Ու յաւիտեան զիս քու առջեւդ կը կայնեցնես։ Օրհնեա՛լ ըլլայ Իսրայէլի Տէր Աստուածը՝ Յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն ու ամէն։ Ինչպէս եղջերուն ջուրի վտակներու կը փափաքի, Այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի, ո՛վ Աստուած։ Հոգիս ծարաւի է Աստուծոյ, կենդանի Աստուծոյն, Ե՞րբ պիտի գամ ու երեւնամ Աստուծոյ առջեւ։ Ցորեկ ու գիշեր արցունքներս ինծի հաց եղան, Որովհետեւ ամէն օր ինծի կ’ըսեն. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։ Այս բաները միտքս կը բերեմ Ու հոգիս կը թափեմ իմ ներսիդիս, Փափաքելով որ բազմութեան հետ երթամ, Անոնց հետ հանդէսով Աստուծոյ տունը մտնեմ՝ Ուրախութեան ու օրհնութեան ձայնով, Տօնախմբող բազմութեան հետ։ Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ, Իր երեսին փրկութեանը համար ։ Ո՛վ իմ Աստուածս, հոգիս իմ ներսիդիս կը ցածնայ. Անոր համար քեզ կը յիշեմ Յորդանանի երկրէն Ու Հերմոններէն ու Փոքր լեռնէն։ Անդունդը անդունդին կը կանչէ քու յորձանքներուդ ձայնովը. Քու ամէն կոհակներդ ու ալիքներդ իմ վրայէս անցան։ Ցորեկը Տէրը՝ պիտի պատուիրէ իր ողորմութեանը Ու գիշերը իր երգը ինծի հետ պիտի ըլլայ Ու աղօթք մը՝ իմ կեանքիս Աստուծոյն։ Պիտի ըսեմ Աստուծոյ, իմ Վէմիս. «Ինչո՞ւ զիս մոռցեր ես, Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ Թշնամիին հարստահարութենէն»։ Ոսկորներս կոտրտելու չափ՝ թշնամիներս զիս կը նախատեն՝ Ամէն օր ինծի ըսելով. «Ո՞ւր է քու Աստուածդ»։ Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ։ Ան է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։ Իմ դատս տես, ո՛վ Աստուած ու իրաւունքս պաշտպանէ՛ Անաստուած ազգէն։ Նենգաւոր ու անօրէն մարդէն զիս ազատէ, Քանզի դուն ես իմ ամրութեանս Աստուածը։ Ինչո՞ւ զիս կը մերժես, Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ Թշնամիին հարստահարութենէն։ Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի Անոնք առաջնորդէն ինծի ու զիս հանեն Քու սուրբ լեռդ ու բնակարաններդ։ Աստուծոյ սեղանին քով պիտի երթամ, Իմ ուրախութեանս ու ցնծութեանս Աստուծոյն առջեւ։ Քեզ քնարով պիտի գովեմ, Ո՛վ Աստուած, իմ Աստուածս։ Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։ Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ. Ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։ Ո՛վ Աստուած, մեր ականջներովը լսեցինք, Հայրերնիս մեզի պատմեցին Այն գործը, որ իրենց օրերուն մէջ գործեցիր՝ Հին ժամանակը։ Դուն քո ձեռքովդ հեթանոսները քշեցիր Ու զանոնք տնկեցիր։ Չարչարեցիր ժողովուրդները Ու տարածեցիր զանոնք։ Քանզի ո՛չ թէ իրենց սրովը ժառանգեցին երկիրը Ու ո՛չ թէ իրենց բազուկը զիրենք փրկեց, Այլ քու աջ ձեռքդ ու քու բազուկդ եւ քու երեսիդ լոյսը՝ Վասն զի անոնց հաճեցար։ Դուն ինքդ ես իմ Թագաւորս, ո՛վ Աստուած. Դուն Յակոբին փրկութիւններ ապահովեցիր։ Քեզմով մեր թշնամիները գետինը պիտի զարնենք. Մեր վրայ ելնողները քու անունովդ ոտքի տակ պիտի առնենք։ Վասն զի աղեղիս չեմ յուսար Ու թուրս զիս չի կրնար ազատել. Հապա դուն մեզ կը փրկես մեր թշնամիներէն Ու մեզ ատողները ամօթով կ’ընես։ Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանք Ու յաւիտեան քու անունդ պիտի գովենք։ (Սէլա։) Սակայն մեզ մերժեցիր ու խայտառակ ըրիր Ու մեր զօրքերուն հետ չելար։ Թշնամիէն մեզ ետ դարձուցիր Ու մեզ ատողները մեզ կողոպտեցին։ Մեզ ոչխարի պէս ուտուելու տուիր Ու հեթանոսներուն մէջ մեզ ցրուեցիր։ Քու ժողովուրդդ ոչինչ գնով ծախեցիր, Առանց մեծ գին պահանջելու։ Մեր դրացիներուն առջեւ մեզ խայտառակ ըրիր, Մեր բոլորտիքը եղողներուն՝ ծաղր ու ծանակ։ Մեզ հեթանոսներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ ըրիր Ու ժողովուրդներուն մէջ գլուխ երերցնելու պատճառ ։ Ամէն օր իմ նախատինքս առջեւս է Ու երեսիս ամօթը զիս կը ծածկէ՝ Նախատողին ու հայհոյողին ձայնէն՝ Թշնամիին ու վրէժխնդրին երեսէն։ Այս ամէնը մեր վրայ եկաւ, Սակայն մենք քեզ չմոռցանք եւ Քու ուխտդ սուտ չհանեցինք։ Մեր սրտերը ետ չդարձան, Մեր քալուածքները քու ճամբայէդ դուրս չելան. Թէպէտ չագալներուն եղած տեղը մեզ ճզմեցիր Ու մահուան ստուերովը մեզ ծածկեցիր։ Եթէ մեր Աստուծոյն անունը մոռցեր ենք, Կամ օտար աստուծոյ ձեռքերնիս երկնցուցեր ենք, Միթէ Աստուած այս բանը պիտի չփնտռէ՞, Քանի որ ինք սրտին գաղտնիքները գիտէ, Բայց ամէն օր քեզի համար կ’սպաննուինք, Մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք։ Արթնցի՛ր, ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ կը քնանաս. Ելի՛ր, մի՛ մերժեր մեզ յաւիտեան։ Ինչո՞ւ երեսդ կը ծածկես, Մեր տրտմութիւնը ու տառապանքը կը մոռնաս։ Վասն զի մեր անձը մինչեւ հողը ծռեցաւ, Մեր փորը գետինը փակաւ։ Ելի՛ր, օգնէ՛ մեզի Ու ազատէ՛ մեզ քու անուանդ համար։ Իմ սրտէս բարի խօսք կը բղխի Շարադրածս թագաւորին համար է, Իմ լեզուս արագագիր դպիրին գրչին պէս է։ Դուն մարդոց որդիներէն աւելի գեղեցիկ ես. Քու շրթունքներէդ շնորհք կը հոսի. Անոր համար Աստուած քեզ օրհնեց յաւիտեան։ Ո՛վ Հզօր, թուրդ մէջքդ կապէ Քու փառքովդ ու վայելչութիւնովդ։ Ու քու վայելչութիւնովդ յառաջացիր։ Ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար հեծիր Ու քու աջ ձեռքդ քեզի ահաւոր բաներ պիտի սորվեցնէ։ Քու նետերդ սուր են Ու թագաւորին թշնամիներուն սրտին մէջ մխուած են ։ Ժողովուրդները քու տակդ պիտի իյնան։ Ո՛վ Աստուած, քու աթոռդ յաւիտեանս յաւիտենից կը տեւէ։ Քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է։ Արդարութիւնը կը սիրես ու անօրէնութիւնը կ’ատես. Անոր համար, Աստուած, քու Աստուածդ, Ուրախութեան իւղով քեզ օծեց քու ընկերներէդ աւելի։ Քու բոլոր հանդերձներդ զմուռս ու հալուէ եւ կասիա կը բուրեն. Փղոսկրէ պալատներէն նուագարաններուն լարերը՝ ՝ քեզ ուրախացուցին։ Թագաւորներու աղջիկները քու պատուոյ տիկիններուդ մէջ են. Թագուհին քու աջ կողմդ կը կանգնի Ոփիրի ոսկիով զարդարուած ։ Ո՛վ աղջիկ, լսէ՛ ու տե՛ս եւ քու ականջդ ծռէ՛. Մոռցի՛ր քու ժողովուրդդ ու քու հօրդ տունը։ Այն ատեն թագաւորը պիտի ցանկայ քու գեղեցկութեանդ, Վասն զի ան է քու տէրդ, ուստի խոնարհիր անոր առջեւ։ Տիւրոսի աղջիկը ու ժողովուրդին հարուստները Ընծայով պիտի խնդրեն քու շնորհքդ։ Թագաւորին աղջիկը փառաւոր է, Ոսկի թելով հիւսուած է իր հանդերձը։ Նկարազարդ հանդերձով պիտի բերուի թագաւորին. Անոր ընկերացող աղջիկները քեզի պիտի բերուին։ Ցնծութիւնով եւ ուրախութիւնով պիտի բերուին, Թագաւորին պալատը պիտի մտնեն։ Քու հայրերուդ տեղը որդիներդ պիտի ըլլան. Բոլոր երկրի մէջ իշխաններ պիտի ընես զանոնք։ Քու անունդ հռչակել պիտի տամ ազգէ մինչեւ ազգ. Անոր համար ժողովուրդները քեզ պիտի գովեն յաւիտեանս յաւիտենից։ Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է. Նեղութիւններու մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու։ Անոր համար պիտի չվախնանք, թէեւ երկիրը փոխուի Ու լեռները ծովուն մէջտեղը ձգուին, Թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու պղտորին, Լեռները դողան անոր ուռենալովը։ (Սէլա։) Գետին վտակները պիտի ուրախացնեն Աստուծոյ քաղաքը, Բարձրելոյն սուրբ բնակարանները։ Աստուած անոր մէջ է, անիկա պիտի չսասանի. Աստուած անոր պիտի օգնէ առտուն կանուխ։ Հեթանոսները կը խռովին, թագաւորութիւնները կը շարժին. Բարձրեալը իր ձայնը կու տայ, երկիր կը հալի։ Զօրաց Տէրը մեզի հետ է. Յակոբին Աստուածը մեր ապաւէնն է։ (Սէլա։) Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Տէրոջը գործերը, Որ աւերումներ ըրաւ երկրի մէջ։ Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. Աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ։ Հանդարտ կեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք թէ՝ ես եմ Աստուած. Հեթանոսներուն մէջ պիտի բարձրանամ, երկրի վրայ պիտի բարձրանամ։ Զօրաց Տէրը մեզի հետ է, Յակոբին Աստուածը մեզի ապաւէն է։ (Սէլա։) Ծափ զարկէ՛ք, ժողովուրդնե՛ր, Ցնծութեան ձայնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։ Վասն զի Տէրը Բարձրեալ եւ Ահարկու է. Բոլոր երկրի վրայ Մեծ Թագաւոր է։ Ժողովուրդները մեզի կը հնազանդեցնէ Ու ազգերը մեր ոտքերուն տակ կը դնէ։ Ընտրեց մեզի մեր ժառանգութիւնը, Յակոբին փառաւորութիւնը՝ որ ինք սիրեց։ (Սէլա։) Աստուած ցնծութիւնով վեր ելաւ, Տէրը՝ փողի ձայնով։ Սաղմոս երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք. Սաղմոս երգեցէք մեր Թագաւորին. սաղմոս երգեցէ՛ք. Վասն զի Աստուած թագաւոր է բոլոր երկրի վրայ։ Երգ երգեցէ՛ք անոր ։ Աստուած ազգերուն վրայ կը թագաւորէ, Աստուած կը նստի իր սուրբ աթոռին վրայ։ Ժողովուրդին իշխանները հաւաքուեցան Աբրահամին Աստուծոյն ժողովուրդին հետ Վասն զի երկրին ասպարները Աստուծոյն են. Ինք խիստ բարձրացած է։ Տէրը մեծ է ու խիստ օրհնեալ է Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ, Իր սուրբ լերանը վրայ։ Գեղեցիկ բարձրութիւնով, Բոլոր երկրին ուրախութիւնը՝ Հիւսիսային կողմերը եղող Սիօն լեռն է, Մեծ Թագաւորին քաղաքը։ Աստուած անոր պալատներուն մէջ Իբր ապաւէն ճանչցուած է։ Վասն զի ահա թագաւորները հաւաքուեցան, Անոնք միացան իրարու։ Անոնք տեսան ու զարմացան. Զարհուրեցան ու շուտով փախան։ Հոն դող մը բռնեց զանոնք Ու ցաւը՝ զաւակ ծնանողի ցաւի պէս։ Արեւելեան հովով Թարսիսի նաւերը կը խորտակես։ Ինչպէս լսեցինք, այնպէս ալ տեսանք Զօրութիւններու Տէրոջը քաղաքին մէջ, Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ. Աստուած զանիկա պիտի հաստատէ յաւիտեան։ (Սէլա։) Ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ վրայ կը մտածենք Քու տաճարիդ մէջ։ Քու գովութիւնդ, ո՛վ Աստուած, Քու անուանդ պէս մինչեւ երկրի ծայրերն է. Արդարութիւնով լեցուն է քու աջ ձեռքդ։ Սիօն լեռը թող ուրախանայ, Ու Յուդային աղջիկները թող ցնծան Քու դատաստաններուդ համար։ Սիօնին չորս կողմը պտըտեցէ՛ք Ու անոր բոլորտիքը շարուեցէ՛ք Ու աշտարակները համրեցէ՛ք. Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք անոր պարիսպները, Անոր պալատները զննեցէ՛ք, Որպէս զի գալու ազգին պատմէք։ Վասն զի այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից. Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ։ Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ բոլոր ազգեր, Ակա՛նջ դրէք, աշխարհի բոլոր բնակիչներ, Ռամիկներ ու ազնուականներ, Հարուստներ ու աղքատներ մէկտեղ։ Բերանս իմաստութիւն պիտի խօսի Ու սրտիս խորհուրդները՝ հանճար։ Իմ ականջս առակի պիտի ծռեմ, Հանելուկս քնարով պիտի լուծեմ։ Ինչո՞ւ վախնամ չար օրերու մէջ Երբ դարանակալներու անօրէնութիւնը չորս կողմս կը պատէ։ Իրենց զօրութեանը յուսացողներէն Ու իրենց հարստութեանը շատութիւնովը հպարտացողներէն Մէկը բնաւ չի կրնար փրկել իր եղբայրը, Ո՛չ ալ անոր փրկանքը Աստուծոյ հատուցանել, (Քանզի սուղ է անոնց անձին փրկութեան գինը, Երբեք կարելի չէ գոհացնել։) Որպէս զի ապրի յաւիտեան Ու ապականութիւն չտեսնէ։ Վասն զի կը տեսնէ թէ իմաստունները կը մեռնին, Յիմարը ու անխելքը մէկտեղ կը կորսուին Ու իրենց ստացուածքները ուրիշներուն կը թողուն։ Անոնք կը կարծեն թէ իրենց տուները յաւիտեան պիտի մնան Ու իրենց բնակարանները՝ ազգէ մինչեւ ազգ. Երկիրները իրենց անուններովը կը կոչեն։ Բայց մարդը պատուոյ մէջ չի մնար, Անասուններուն նման է, որոնք կը կորսուին։ Անոնց այս ճամբան իրենց յիմարութիւն է, Սակայն անոնց ետեւէն եկողները անոնց խօսքէն պիտի հաճոյանան։ (Սէլա։) Անոնք ոչխարներու պէս գերեզմանը պիտի դրուին։ Մահը անոնց հովիւը պիտի ըլլայ։ Ուղիղը զանոնք գերեզմանը պիտի իջեցնէ. Առտուն անոնց կերպարանքը պիտի կորսուի. Գերեզմանը անոնց բնակարան պիտի ըլլայ։ Սակայն Աստուած գերեզմանին իշխանութենէն պիտի փրկէ իմ անձս, Վասն զի զիս պիտի ընդունի։ (Սէլա։) Մի՛ վախնար, երբ մարդ մը հարստանայ Ու անոր տանը փառքը շատնայ. Վասն զի մեռնելու ատենը ամենեւին բան մը իրեն հետ պիտի չտանի Ու իր փառքը իր ետեւէն պիտի չիջնէ։ Թէպէտեւ իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէր։ (Ու մարդ կը գովուի, երբ իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ։) Սակայն իր նախահայրերուն պիտի երթայ Ու ալ երբեք լոյս պիտի չտեսնեն։ Մարդը, որ պատուոյ մէջ եղած ատեն իմաստուն չեղաւ՝ Անասուններու կը նմանի, որոնք կը կորսուին։ Աստուածներուն Աստուածը, Տէրը, խօսեցաւ Ու երկիրը կանչեց արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք։ Սիօնէն, գեղեցկութեան կատարելութենէն, Աստուած փայլեցաւ։ Մեր Աստուածը պիտի գայ ու պիտի չլռէ. Անոր առջեւ մաշող կրակ, Ու բոլորտիքը սաստիկ փոթորիկ պիտի ըլլայ։ Վերէն պիտի կանչէ երկինքը Ու երկիրը՝ իր ժողովուրդը դատելու համար։ «Ինծի հաւաքեցէք իմ սուրբերս Ու ինծի հետ զոհով ուխտ ընողները»։ Երկինքները անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն, Վասն զի Աստուած ինք դատաւոր է։ (Սէլա։) «Լսէ՛, ով իմ ժողովուրդս ու խօսիմ, Ով Իսրայէլ ու քեզի վկայութիւն ընեմ, Թէ ես եմ Աստուած, քու Աստուածդ։ Ոչ թէ քու զոհերուդ համար քեզ կը յանդիմանեմ Ու քու ողջակէզներուդ համար՝ որոնք միշտ իմ առջեւս են։ Քու տունէդ զուարակ չեմ առներ, Ոչ ալ քու գոմերէդ՝ նոխազներ։ Վասն զի իմս են անտառին բոլոր գազանները, Հազարաւոր լեռներուն անասունները։ Ես կը ճանչնամ լեռներուն բոլոր թռչունները Ու դաշտի գազանները իմ քովս են՝ ՝»։ «Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չըսեմ. Վասն զի աշխարհ ու անոր լիութիւնը իմս է։ Միթէ ես ցուլերու միս կ’ուտե՞մ Կամ նոխազներու արիւն կը խմե՞մ։ Շնորհակալութեան զոհ մատուցանէ Աստուծոյ, Ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձրելոյն Ու նեղութեան օրը ինծի կանչէ. Ես քեզ պիտի ազատեմ ու դուն զիս պիտի փառաւորես»։ Սակայն Աստուած ամբարշտին կ’ըսէ. «Քեզ ի՞նչ՝ որ դուն իմ օրէնքներս կը պատմես Ու իմ ուխտս բերանդ կ’առնես։ Վասն զի դուն խրատը ատեցիր Ու իմ խօսքերս ետիդ ձգեցիր. Գողը տեսնելով՝ անոր հետ միաբանեցար Ու շնացողներուն հետ բաժին ունեցար. Քու բերանդ չարութեան տուիր, Ու քու լեզուդ նենգութիւն կը հնարէ. Կը նստիս եղբորդ դէմ կը խօսիս, Մօրդ որդիին դէմ չարախօսութիւն կ’ընես։ Այս բաները ըրիր ու ես լռեցի. Կարծեցիր թէ ես բոլորովին քեզի կը նմանիմ, Բայց քեզ պիտի յանդիմանեմ Ու աչքերուդ առջեւ պիտի շարեմ քու ըրածներդ ։ Արդ, իմացէ՛ք ասիկա, ո՛վ դուք Աստուած մոռցողներ. Չըլլայ որ ձեզ պատռեմ եւ ազատող մըն ալ չգտնուի։ Շնորհակալութիւն մատուցանողը զիս կը փառաւորէ. Ու իր ճամբուն զգուշութիւն ընողին Պիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը»։ Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ համեմատ, Քու առատ գթութեանդ համեմատ ջնջէ իմ յանցանքներս։ Իմ անօրէնութենէս բոլորովին զիս լուա Ու իմ մեղքէս զիս սրբէ։ Վասն զի ես կը ճանչնամ իմ յանցանքներս Ու իմ մեղքս միշտ իմ առջեւս է։ Քեզի՛՝ միա՛յն քեզի դէմ մեղանչեցի Եւ քու աչքերուդ առջեւ չարութիւն ըրի, Որպէս զի արդար ըլլաս խօսքերուդ մէջ Ու անարատ ըլլաս դատաստանիդ մէջ։ Ահա ես անօրէնութիւնով ծնայ Ու իմ մայրս մեղքով յղացաւ զիս։ Ահա դուն ճշմարտութիւն կ’ուզես երիկամունքներու մէջ. Ու ծածուկ տեղը իմաստութիւնդ պիտի յայտնես ինծի։ Զոպայի մշտիկով մաքրէ զիս ու մաքուր պիտի ըլլամ։ Զիս լուայ ու ձիւնէն աւելի ճերմակ պիտի ըլլամ։ Ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ լեցուր զիս։ Թող ցնծան այն ոսկորները, որոնք կոտրեցիր։ Իմ մեղքերէս երեսդ ծածկէ՛ Ու բոլոր անօրէնութիւններս ջնջէ՛։ Ո՛վ Աստուած, իմ մէջս մաքուր սիրտ ստեղծէ՛ Եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ։ Զիս երեսէդ մի՛ ձգեր Ու քու Սուրբ Հոգիդ ինծմէ մի՛ առներ։ Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձո՛ւր Ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատէ՛ զիս։ Ամբարիշտներուն պիտի սորվեցնեմ քու ճամբաներդ Ու մեղաւորները քեզի պիտի դառնան։ Ո՛վ Աստուած, իմ փրկութեանս Աստուածը, Փրկէ՛ զիս արիւնահեղութենէ. Լեզուս ցնծութեամբ պիտի խօսի քու արդարութեանդ վրայով։ Ո՛վ Տէր, իմ շրթունքներս բա՛ց Ու բերանս պիտի պատմէ քու գովութիւնդ։ Վասն զի զոհի չես հաճիր, որ զանիկա մատուցանեմ։ Դուն ողջակէզի ա՛լ չես հաճիր։ Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. Կոտրած ու խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր։ Քու բարեսրտութիւնովդ Սիօնի բարիք ըրէ, Երուսաղէմի պարիսպները շինէ։ Այն ատեն պիտի հաճիս արդարութեան զոհերուն, Ողջակէզներուն ու բոլորովին այրուած զոհերուն. Այն ատեն քու սեղանիդ վրայ զուարակներ պիտի մատուցանեն։ Ինչո՞ւ անօրէնութիւնով կը պարծիս, ո՛վ բռնաւոր. Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտենական է։ Լեզուդ չարութիւններ կը հնարէ Եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ։ Չարութիւնը բարութենէն աւելի կը սիրես Ու ստութիւնը՝ արդարութիւն խօսելէն աւելի։ (Սէլա։) Ամէն կործանման խօսք Ու նենգաւոր լեզու կը սիրես։ Ուստի Աստուած յաւիտեան քեզ պիտի կործանէ, Քեզ պիտի բռնէ ու քեզ հանէ քու բնակարանէդ Ու քեզ արմատէդ պիտի խլէ կենդանիներուն երկրէն։ (Սէլա։) Արդարները պիտի տեսնեն ու վախնան Ու անոր վրայ պիտի ծիծաղին՝ ըսելով. «Ահա այն մարդը, որ Աստուած իրեն ապաւէն չըրաւ, Հապա իր շատ հարստութեանը վստահեցաւ Ու իր անօրէնութիւնովը զօրացաւ»։ Սակայն ես Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս եմ. Աստուծոյ ողորմութեանը կը յուսամ յաւիտեանս յաւիտենից։ Քեզ պիտի գովեմ յաւիտեան, Որ այս բանը կատարեցիր Ու քու անուանդ պիտի յուսամ, Վասն զի բարի է սուրբերուդ առջեւ։ Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ. «Աստուած չկայ»։ Ապականեցան պիղծ անօրէնութիւն ընելով։ Մէ՛կը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։ Աստուած երկնքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն վրայ, Որպէս զի տեսնէ թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, Որ Աստուած փնտռէ։ Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկայ։ Միթէ չե՞ն ճանչնար անօրէնութիւն ընողները, Որոնք հաց ուտելու պէս իմ ժողովուրդս կ’ուտեն Ու Աստուծոյ չեն կանչեր։ Անոնք հո՛ն շատ վախցան՝ ուր վախ չկար. Վասն զի քեզ պաշարողներուն ոսկորները ցրուեց Աստուած։ Անոնք պիտի ամչնան եւ ամօթով մնան, վասն զի Աստուած անարգեց զանոնք։ Երանի՜ թէ Սիօնէն գար Իսրայէլի փրկութիւնը։ Աստուծոյ՝ իր ժողովուրդը գերութենէն դարձուցած ատենը՝ Յակոբ պիտի ցնծայ ու Իսրայէլ ուրախ պիտի ըլլայ։ Ո՛վ Աստուած, քու անունովդ զիս ազատէ Ու քու զօրութիւնովդ իրաւունք ըրէ ինծի։ Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս։ Բերնիս խօսքերուն ականջ դիր, Վասն զի օտարները իմ վրաս ելան Ու բռնաւորները կը փնտռեն իմ անձս Ու Աստուած իրենց առջեւ չդրին։ (Սէլա։) Ահա Աստուած ինծի օգնական է։ Տէրը իմ հոգիիս պաշտպաններուն հետ է։ Չարութիւնը թշնամիներուս վրայ պիտի դարձնէ։ Քու ճշմարտութիւնովդ կորսնցուր զանոնք։ Ես իմ կամքովս քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ, Ո՛վ Տէր, քու անունդ պիտի գովեմ, վասն զի բարի է, Վասն զի ամէն նեղութենէ զիս փրկեց Ու իմ աչքս թշնամիներուս կորուստը տեսաւ։ Ո՛վ Աստուած, ականջ դիր իմ աղօթքիս Ու իմ խնդրուածքէս քու երեսդ մի՛ ծածկեր։ Մտի՛կ ըրէ ու պատասխանէ՛ ինծի։ Իմ գանգատովս կը մոլորիմ ու կը խռովիմ, Թշնամիին ձայնէն ու ամբարշտին նեղութիւն տալէն, Վասն զի իմ վրաս անիրաւութիւն կը բերեն Ու բարկութիւնով զիս կը հալածեն։ Սիրտս դողաց իմ ներսիդիս Ու մահուան արհաւիրքները իմ վրաս ինկան։ Վախ ու դող եկաւ իմ վրաս Ու սոսկումը զիս ծածկեց Ու ըսի. «Երանի՜ թէ աղաւնիի թեւեր ունենայի, Որպէս զի թռչէի ու հանգիստ ըլլայի։ Հեռուն պիտի փախչէի, Անապատին մէջ պիտի բնակէի։ (Սէլա։) Սաստիկ հովէն ու փոթորիկէն Փախչիլ պիտի արտորայի, ապաստան մը գտնելու համար»։ Ո՛վ Տէր, կորսնցո՛ւր, անոնց լեզուները բաժնէ՛, Վասն զի քաղաքին մէջ բռնութիւն ու կռիւ տեսայ։ Ցորեկ ու գիշեր անոր չորս կողմը, անոր պարիսպներուն վրայ կը պտըտին. Անօրէնութիւն ու չարիք կայ անոր մէջ։ Անոր մէջ եղեռնագործութիւն կայ Եւ բռնութիւնը ու նենգութիւնը անոր հրապարակներէն չեն հեռանար, Վասն զի թշնամին չէր զիս նախատողը, որ համբերէի. Կամ ատողը չէր իմ վրաս հպարտացողը, որ անկէ պահուէի։ Հապա դո՛ւն, ո՛վ մարդ, իմ հաւասա՛րս, Իմ ընկե՛րս ու ճանչուո՛րս, Որ իրարու հետ անոյշ խօսակցութիւն կ’ունենայինք Եւ բազմութեան հետ Աստուծոյ տունը կ’երթայինք։ Մահը յանկարծ անոնց վրայ պիտի հասնի Ու ողջ ողջ գերեզմանը պիտի իջնեն, Վասն զի իրենց բնակարաններուն ու իրենց մէջ չարութիւն կայ, Իսկ ես Աստուծոյ պիտի կանչեմ Ու Տէրը զիս պիտի փրկէ։ Իրիկունը, առտուն ու կէսօրը պիտի գանգատիմ ու հառաչեմ։ Անիկա պիտի լսէ իմ ձայնս։ Խաղաղութիւնով պիտի փրկէ իմ անձս այն պատերազմէն, որ կը մղեմ, Վասն զի շատ թշնամիներ ինծի կը մօտենան։ Աստուած պիտի լսէ Ու յաւիտենականութեան մէջ բնակողը պիտի խոնարհեցնէ զանոնք. (Սէլա.) Որովհետեւ չեն փոխուիր անոնք Ու Աստուծմէ չեն վախնար։ Ձեռքը իրեն հետ հաշտ եղողներուն վրայ երկնցուց, Իր ուխտը աւրեց։ Անոր բերնին խօսքերը կոգիէն կակուղ են, Բայց անոր սրտին մէջ պատերազմ կայ։ Անոր խօսքերը ձեթէն կակուղ են, Բայց մերկ սուրեր են։ Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ Ու ան քեզ պիտի խնամէ. Անիկա արդարը երբեք պիտի չսասանեցնէ։ Բայց դուն, ո՛վ Աստուած, զանոնք ապականութեան գուբին մէջ պիտի իջեցնես. Արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդիկ օրերնուն կիսուն պիտի չհասնին, Սակայն ես քեզ պիտի յուսամ։ Ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, Վասն զի մարդը կ’ուզէ զիս կլլել. Ամէն օր պատերազմ ընելով զիս կը նեղէ։ Թշնամիներս ամէն օր կ’ուզեն զիս կլլել, Վասն զի շատ մարդիկ ամբարտաւանութիւնով ինծի հետ կը մարտնչին։ Երբ վախնամ քեզի պիտի յուսամ։ Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը. Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. Մարմինը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։ Ամէն օր իմ բաներուս վնաս կու տան՝ ՝, Իմ վրայովս անոնց բոլոր խորհուրդները չարիքի համար են։ Կը հաւաքուին ու կը պահուին, Իմ շաւիղներս կը դիտեն, Վասն զի իմ անձիս կը սպասեն։ Միթէ անօրէնութիւնով անոնց փրկութիւն կ’ըլլա՞յ. Բարկութիւնով ժողովուրդները վար ձգէ՛, ո՛վ Աստուած։ Իմ թափառական պտըտիլս համրեցիր, Արցունքներս քու տիկիդ մէջ դի՛ր։ Միթէ անոնք քու գրքիդ մէջ գրուած չե՞ն։ Երբ քեզի կանչեմ, ետ պիտի դառնան իմ թշնամիներս. Գիտեմ թէ Աստուած ինծի հետ է։ Աստուծմով պիտի գովեմ իր խօսքը, Տէրոջմով պիտի գովեմ իր խօսքը։ Աստուծոյ կը յուսամ, պիտի չվախնամ. Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։ Ո՛վ Աստուած, քեզի հետ ունեցած ուխտս պիտի կատարեմ։ Քեզի շնորհակալութեան զոհ պիտի մատուցանեմ, Որովհետեւ իմ անձս մահուանէ ազատեցիր։ Ոտքերս ալ անկումէ չե՞ս ազատեր, Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ քալեմ կեանքի լոյսին մէջ։ Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի, Վասն զի իմ անձս քեզի կը յուսայ։ Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ, Մինչեւ որ թշուառութիւնները անցնին։ Բարձրեալ Աստուծոյն պիտի աղաղակեմ, Իմ բարերար Աստուծոյս։ Երկնքէն պիտի ղրկէ ու փրկէ՛ զիս Ու զիս կլլել ուզողները պիտի նախատէ. (Սէլա.) Աստուած պիտի ղրկէ իր ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը։ Իմ անձս առիւծներու մէջ է. Բոց փչող մարդոց որդիներուն մէջ կը պառկիմ, Որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են Եւ անոնց լեզուները սրած թուրեր են։ Ո՛վ Աստուած, երկնքի վրայ բարձրացիր. Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։ Իմ քայլերուս որոգայթ պատրաստեցին, Անձս խոնարհեցաւ, Փոս փորեցին առջեւս, Բայց իրենք ինկան անոր մէջ։ (Սէլա։) Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է. Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ։ Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ փառքս. Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար. Ես կանուխ պիտի արթննամ։ Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ. Վասն զի մեծ է քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք Ու քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ ամպերը։ Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած, Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։ Իրաւցընէ անբարբառ արդարութի՞ւն կը խօսիք, Ուղղութիւնով դատաստա՞ն կը տեսնէք, ո՛վ մարդոց որդիներ։ Արդարեւ սրտով անօրէնութիւններ կը գործէք, Երկրի վրայ ձեռքերով բռնութիւն կը բանեցնէք։ Ամբարիշտները իրենց մօրը արգանդէն խոտորեցան, Որովայնէն մոլորեցան եւ սուտ խօսեցան։ Անոնց թոյնը օձի թոյնի պէս է, Խուլ իժի պէս, որ կը գոցէ իր ականջները, Որ չի լսեր թովիչներուն ձայնը, Թէեւ վարպետութեամբ կը հմայեն։ Ո՛վ Աստուած, անոնց ակռաները իրենց բերաններուն մէջ փշրէ։ Ո՛վ Տէր, առիւծի կորիւններուն ժանիքները կոտրտէ։ Թող անոնք հալին ջուրերու պէս, որ կը հոսին. Երբ իրենց աղեղները լարեն, թող կոտրտին։ Խխունջի պէս՝ որ քալած ատենը կը հալի, Կնոջ մը վիժած զաւակին պէս արեւը չտեսնեն։ Ձեր կաթսաներուն՝ փուշերուն կրակը զգալէն առաջ, Թէ՛ թարմ եւ թէ՛ այրուող փուշերը փոթորիկով պիտի ցրուէ։ Արդարը պիտի ուրախանայ, երբ վրէժխնդրութիւնը տեսնէ. Իր ոտքերը ամբարշտին արիւնին մէջ պիտի լուայ։ Ու մարդը պիտի ըսէ. «Իրաւցընէ արդարին համար վարձք կայ. Իրաւցընէ Աստուած կայ, որ երկրի վրայ դատաւոր է»։ Թշնամիներէս զիս փրկէ՛, ո՛վ իմ Աստուածս. Իմ վրաս ելնողներէն զիս պաշտպանէ՛։ Անօրէնութիւն գործողներէն զիս ազատէ՛ Ու արիւնահեղ մարդոցմէն զիս փրկէ՛։ Վասն զի ահա իմ անձիս համար դարանը մտան, Զօրաւոր մարդիկ իմ վրաս հաւաքուեցան։ Ո՛չ թէ մեղքիս ու յանցանքիս համար, ո՛վ Տէր։ Մեղք չունեցած ատենս ալ վրաս վազեցին ու պատրաստուեցան. Արթնցի՛ր, զիս դիմաւորէ՛ եւ նայէ՛։ Ո՛վ Տէր Աստուած զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի, Արթնցի՛ր եւ բոլոր հեթանոսները քննէ՛։ Չար անօրէններուն բնաւ մի՛ ողորմիր։ (Սէլա։) Անոնք իրիկունը ետ կու գան, Շան պէս կ’ոռնան Ու քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։ Ահա իրենց բերնէն չարութիւն դուրս կը թափեն, Անոնց շրթունքներուն վրայ սուրեր կան, Վասն զի կ’ըսեն. «Ո՞վ պիտի լսէ»։ Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, անոնց վրայ պիտի ծիծաղիս։ Բոլոր հեթանոսները ծաղր պիտի ընես։ Ո՛վ իմ զօրութիւնս՝ ՝, քեզի պիտի սպասեմ, Վասն զի Աստուած է իմ ապաւէնս։ Ողորմութեանս Աստուածը ինծի պիտի հասնի. Աստուած պիտի ցուցնէ ինծի թշնամիներուս կորուստը ։ Մի՛ մեռցներ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդս չմոռնայ. Զանոնք ցիրուցան ըրէ՛ քու զօրութիւնովդ Ու վար ձգէ՛ զանոնք, ո՛վ Տէր, մեր վահանը։ Անոնք իրենց բերաններուն մեղքին ու շրթունքներուն խօսքին համար Իրենց ամբարտաւանութեանը մէջ թող բռնուին, Նաեւ անէծքին ու սուտին համար որ կը խօսին։ Կորսնցո՛ւր բարկութիւնով, կորսնցո՛ւր զանոնք ՝ որպէս զի ոչնչանան Ու գիտնան թէ Աստուած կը տիրէ Յակոբին վրայ Մինչեւ երկրին ծայրերը։ (Սէլա։) Անոնք իրիկունը ետ կու գան, Շան պէս ոռնալով, Քաղաքին չորս կողմը կը պտըտին։ Ուտելիքի համար պիտի թափառին, Եթէ չկշտանան՝ գիշերը այնպէս պիտի անցնեն։ Բայց ես քու զօրութիւնդ պիտի փառաբանեմ Ու առտուն քու ողորմութիւնովդ պիտի ցնծամ, Վասն զի դուն ինծի պահապան եղար Ու ապաւէն՝ իմ նեղութեանս օրը։ Ո՛վ իմ զօրութիւնս, քեզի սաղմոս պիտի երգեմ, Վասն զի իմ պաշտպանս Աստուած է, Իմ ողորմութեանս Աստուածը։ Ո՛վ Աստուած, մեզ երեսէ ձգեցիր, Մեզի բարկացար ու ցրուեցիր։ Մեզի դարձիր։ Երկիրը դողացուցիր, զանիկա պատռեցիր։ Անոր փլած տեղերը նորոգէ՛, վասն զի կ’երերայ։ Քու ժողովուրդիդ խստութիւն ցուցուցիր. Մեզի թմրութեան գինի խմցուցիր։ Քեզմէ վախցողներուն դրօշակ տուիր, Ճշմարտութեան համար վերցնելու՝ ՝, Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։ Աջ ձեռքովդ ապրեցո՛ւր ու պատասխան տո՛ւր ինծի։ Աստուած իր սրբութիւնովը՝ ՝ խօսեցաւ, ուստի Ես պիտի ցնծամ, Սիւքէմը պիտի բաժնեմ Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։ Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն, Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է. Յուդան իմ օրէնսդիրս է։ Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է. Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս։ Ո՛վ Փղշտացիներ, ինծի համար ձայնով ցնծացէ՛ք։ Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը. Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։ Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։ Նեղութեան մէջ մեզի օգնութիւն տուր. Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը։ Աստուծմով քաջութիւն պիտի ընենք. Ու ան պիտի արհամարհէ մեր թշնամիները։ Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ աղաղակս Ու մտիկ ըրէ՛ իմ աղօթքիս։ Երկրի ծայրէն քեզի պիտի կանչեմ՝ սրտիս մարելու ատենը, Դէպի ինծմէ բարձր եղած վէմը առաջնորդէ՛ զիս։ Վասն զի դուն ինծի ապաւէն եղար, Ամուր աշտարակ մը՝ թշնամիին դէմ։ Ես քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեան. Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ապաւինիմ։ (Սէլա։) Վասն զի դուն՝ ո՛վ Աստուած՝ լսեցիր իմ ուխտերս. Քու անունէդ վախցողներուն ժառանգութիւնը ինծի տուիր։ Թագաւորին օրերուն վրայ օրեր պիտի աւելցնես. Անոր տարիները ազգէ մինչեւ ազգ թող տեւեն։ Անիկա յաւիտեան Աստուծոյ առջեւ պիտի նստի։ Ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն պիտի պատրաստէ, որպէս զի զանիկա պահպանեն։ Այսպէս սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան, Որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ։ Յիրաւի իմ անձս լռիկ միայն Աստուծոյ կը սպասէ։ Անկէ է իմ փրկութիւնս. Յիրաւի ա՛ն է իմ վէմս ու փրկութիւնս. Իմ ապաւէնս է, բնաւ պիտի չսասանիմ։ Մինչեւ ե՞րբ մարդու վրայ պիտի յարձակիք. Դուք ամէնքդ, որպէս զի կոտրտէք զանիկա, Ծռած պատի ու խախտած ցանկապատի պէս։ Արդարեւ իր բարձրութենէն ձգել կը ծրագրեն, Ստութիւն կը սիրեն. Իրենց բերնովը կ’օրհնեն. Բայց իրենց սրտովը կ’անիծեն։ (Սէլա։) Ո՛վ իմ անձս, միայն Աստուծոյ սպասէ, Վասն զի անկէ է իմ յոյսս։ Յիրաւի ան է իմ վէմս ու փկութիւնս. Իմ ապաւէնս է։ Պիտի չսասանիմ։ Աստուծմէ է իմ փրկութիւնս ու փառքս։ Իմ զօրութեանս վէմը ու իմ ապաւէնս Աստուած է։ Ամէն ժամանակ անոր յուսացէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդ. Անոր առջեւ սրտերնիդ բացէք, Քանզի Աստուած ապաւէն է մեզի։ (Սէլա։) Արդարեւ ռամիկ մարդիկը փուճ են, Ազնուական մարդիկը սուտ են։ Եթէ կշիռքի մէջ դրուելու ըլլան, Ամէնքն ալ ունայնութենէն թեթեւ են։ Հարստահարութեան մի՛ յուսաք, Յափշտակութեան վրայ փուճ յոյս մի՛ դնէք. Հարստութիւնը եթէ շատնայ, Սրտերնիդ թող չվստահի անոր։ Մէկ անգամ խօսեցաւ Աստուած. Երկու անգամ լսեցի ասիկա, Թէ զօրութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի։ Ողորմութիւնն ալ քուկդ է, ո՛վ Տէր, Վասն զի ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցում կ’ընես։ Ո՛վ Աստուած, դո՛ւն ես իմ Աստուածս, Ես առտուն քեզ կը փնտռեմ. Հոգիս կը ծարաւի քեզի ու մարմինս քեզի կը փափաքի Չոր ու ծարաւ տեղը, ուր ջուր չկայ։ Քու զօրութիւնդ ու փառքդ տեսնելու համար Ինչպէս քեզ տեսած եմ սրբարանին մէջ։ Որովհետեւ քու ողորմութիւնդ կեանքէն աղէկ է։ Իմ շրթունքներս քեզ պիտի գովեն։ Այսպէս պիտի օրհնեմ քեզ իմ կեանքիս ընթացքին, Քու անունովդ ձեռքերս վեր պիտի վերցնեմ։ Իբր թէ ճարպով ու պարարտութիւնով պիտի կշտանայ իմ անձս Ու ցնծութեան շրթունքներով պիտի գովէ քեզ իմ բերանս։ Անկողնիս վրայ քեզ կը յիշեմ, Գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ. Վասն զի ինծի օգնական եղար Ու քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պիտի ցնծամ։ Իմ անձս քեզի կը յարի, Քու աջ ձեռքդ զիս կը պահէ. Բայց անոնք որ անձս կը փնտռեն զանիկա կորսնցնելու համար, Գետնին խորունկ տեղերը պիտի մտնեն, Սուրի պիտի մատնուին, Աղուէսներու բաժին պիտի ըլլան։ Բայց թագաւորը Աստուծմով պիտի ուրախանայ, Բոլոր անով երդում ընողները պիտի պարծենան, Իսկ ստախօսներուն բերանը պիտի պապանձի։ Ո՛վ Աստուած, լսէ՛ իմ ձայնս իմ գանգատելու ատենս. Թշնամիին վախէն իմ կեանքս պահպանէ։ Ծածկէ զիս չարերու ժողովէն, Անօրէնութիւն գործողներուն բազմութենէն, Որոնք իրենց լեզուները թուրի պէս կը սրեն, Որոնք նետերու պէս լեղի խօսքեր կը գործածեն, Գաղտուկ տեղէն անմեղին նետելու համար. Յանկարծակի անոր կը նետեն ու չեն վախնար։ Իրենց չար նպատակները ամուր կը պահեն։ Գաղտնի որոգայթներ դնելու մասին կը խօսին եւ Կ’ըսեն. «Զանոնք ո՞վ պիտի տեսնէ»։ Անօրէնութիւն կը փնտռեն, Կ’ըսեն թէ «Կատարեցինք մեր ծրագրածը»։ Մարդուն միտքը եւ սիրտը խորունկ է, Բայց Աստուած զանոնք պիտի զարնէ նետով։ Անոնք յանկարծ պիտի վիրաւորուին։ Իրենց լեզուներուն պատճառով պիտի աւերուին։ Բոլոր զանոնք տեսնողները գլուխ պիտի շարժեն։ Բոլոր մարդիկ պիտի վախնան. Աստուծոյ գործը պիտի պատմեն Ու անոր ըրածին ուշադրութեամբ պիտի նային։ Արդարը Տէրոջմով պիտի ուրախանայ եւ անոր պիտի յուսայ Եւ ամէն ուղիղ սրտով եղող անով պիտի պարծի։ Քեզի կը վայլէ օրհնութիւնը, ո՛վ Աստուած, Սիօնի մէջ։ Ու քեզի ըրած ուխտերը պիտի կատարենք։ Ո՛վ աղօթքի լսող, Քեզի պիտի գայ ամէն մարմին։ Անօրէնութիւնները իմ վրաս ճնշեցին։ Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես։ Երանի՜ անոր որ կ’ընտրես ու քեզի կը մօտեցնես, Որպէս զի բնակի քու սրահներուդ մէջ. Պիտի լցուինք քու տանդ եւ Քու սուրբ տաճարիդ բարութեամբ։ Սքանչելի բաներով, արդարութիւնով պիտի պատասխանես մեզի, Ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը, Որ երկրի բոլոր ծայրերուն ու ծովերէն հեռու եղողներուն յոյսն ես, Որ քու զօրութիւնովդ լեռները հաստատեցիր, Կարողութիւնով գօտեպնդուեցար, Որ կը ցածցնես ծովուն ձայնը, Անոր ալիքներուն ձայնը Ու ազգերուն խռովութիւնը։ Երկրի ծայրերը բնակողները պիտի վախնան քու նշաններէդ. Առտուան ու իրիկուան ելքը դուն կ’ուրախացնես։ Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես, Շատ կը հարստացնես զանիկա. Աստուծոյ գետը ջրով լեցուն է։ Անոնց ցորեն կը պատրաստես, Վասն զի այսպէս պատրաստեցիր զանիկա։ Անոր ակօսները կը խմցնես Ու անոր փոսերը կը շտկես, Անձրեւներով կը կակուղցնես զանիկա։ Կ’օրհնես անոր բոյսը։ Կը պսակես տարին քու բարութիւնովդ Ու քու շաւիղներդ պարարտութիւն կը կաթեցնեն, Անապատի արօտներուն վրայ կը կաթեցնեն Ու բլուրները ուրախութիւնով պատած են։ Արօտները հօտերով ծածկուած են Ու հովիտները ՝ ցորենով։ Անոնք ցնծութեամբ կ’աղաղակեն ու կ’երգեն։ Ո՛վ բոլոր երկիր, ցնծութիւնով Աստուծոյ աղաղակեցէ՛ք։ Սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը, Անոր օրհնութիւնը փառաւորեցէ՛ք։ Աստուծոյ ըսէք. «Որքա՜ն ահաւոր են քու գործերդ. Քու մեծ զօրութեանդ համար Թշնամիներդ քեզի խոնարհութիւն պիտի ընեն՝ ՝։ Ամէն երկիր երկրպագութիւն պիտի ընէ քեզի։ Սաղմոս պիտի երգեն քեզի, Սաղմոս պիտի երգեն քու անուանդ։ (Սէլա։) Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք Աստուծոյ ըրածները. Անիկա իր գործովը մարդոց որդիներուն վրայ՝ ՝ ահաւոր է։ Ծովը ցամաքի դարձուց, Գետէն ոտքով անցան։ Այն տեղը իրմով ուրախացանք։ Իր ուժովը յաւիտեան կը տիրէ. Անոր աչքերը ազգերը կը դիտեն. Ապստամբները իրենց անձերը թող չբարձրացնեն։ (Սէլա։) Ո՛վ ժողովուրդներ, օրհնեցէ՛ք մեր Աստուածը Ու անոր գովութեան ձայնը թող լսուի։ Անիկա մեր հոգին կենդանի կը պահէ Ու ոտքերնուս սասանիլ չի տար։ Վասն զի դո՛ւն քննեցիր մեզ, ո՛վ Աստուած. Փորձեցիր մեզ, ինչպէս արծաթը կը փորձուի։ Մեզ որոգայթի մէջ մտցուցիր, Ծանր բեռ դրիր մեր կռնակին վրայ։ Մեր գլուխներուն վրայ մարդիկ հեծցուցիր. Կրակը ու ջուրը մտանք, Սակայն մեզ առատութեան տեղը հանեցիր։ Ողջակէզներով պիտի մտնեմ քու տունդ, Պիտի կատարեմ իմ ուխտերս, Որոնք շրթունքներս խոստացան Ու նեղութեանս մէջ բերանս խօսեցաւ։ Պարարտ խոյեր իբր ողջակէզ պիտի մատուցանեմ խունկով. Զուարակներ պիտի զոհեմ նոխազներու հետ։ (Սէլա։) Եկէ՛ք, լսեցէ՛ք դուք ամէնքդ, որ Աստուծմէ կը վախնաք Ու պատմեմ ինչ որ ըրաւ իմ անձիս։ Բերնովս անոր աղաղակեցի Ու լեզուովս զանիկա բարձրացուցի՝ ՝։ Եթէ սրտիս մէջ անօրէնութիւն տեսնէի, Տէրը պիտի չլսէր։ Սակայն Աստուած լսեց, Իմ աղօթքիս ձայնին մտիկ ըրաւ։ Օրհնեալ ըլլայ Աստուած, որ իմ աղօթքս չմերժեց Ու իր ողորմութիւնը ինծմէ ետ չդարձուց։ Աստուած թող ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ, Երեսը թող փայլեցնէ մեր վրայ, (Սէլա,) Որպէս զի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի Ու բոլոր ազգերուն մէջ՝ քու փրկութիւնդ։ Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։ Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան, Վասն զի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես Ու երկրի ազգերը դո՛ւն պիտի առաջնորդես։ (Սէլա։) Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած, Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։ Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. Ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ։ Աստուած մեզ պիտի օրհնէ Ու երկրին բոլոր ծայրերը անկէ պիտի վախնան։ Թող ելլէ՛ Աստուած եւ անոր թշնամիները թող ցրուին Ու զինք ատողները իր երեսէն թո՛ղ փախչին։ Ցրուէ՛ զանոնք ինչպէս մուխը կը ցրուի, Ինչպէս մոմը կրակին առջեւ կը հալի, Այնպէ՛ս թող կորսուին ամբարիշտները Աստուծոյ երեսէն։ Բայց արդարները թո՛ղ ուրախանան, Աստուծոյ առջեւ թո՛ղ ցնծան Եւ ուրախութիւնով թո՛ղ զուարճանան։ Երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը. Ճամբայ պատրաստեցէ՛ք ամպերու վրայ հեծնողին. Որուն անունը Եահ է Ու ցնծացէք անոր առջեւ։ Որբերուն հայրը ու որբեւարիներուն դատաւորը Աստուած է՝ իր սուրբ բնակարանին մէջ։ Աստուած լքեալները տան մէջ կը բնակեցնէ, Կապուածները յաջողութեան կ’առաջնորդէ, Բայց ապստամբները չոր տեղ պիտի բնակին։ Ո՛վ Աստուած, քու ժողովուրդիդ առջեւէն գացած ատենդ, Անապատէն անցած ատենդ, (Սէլա,) Երկիրը շարժեցաւ, երկինքն ալ շաղ կաթեցուց Աստուծոյ երեսէն։ Սինան ալ շարժեցաւ Աստուծոյ, Իսրայէլին Աստուծոյն երեսէն։ Ո՛վ Աստուած, թէեւ քու ժառանգութիւնդ չորցած էր, Դուն առատ անձրեւով ոռոգեցիր զանիկա։ Քու ժողովուրդդ անոր մէջ բնակեցաւ. Քու բարութիւնովդ աղքատին համար պատրաստեցիր, ո՛վ Աստուած։ Տէրը պատգամ տուաւ. Աւետիս տուողները մեծ բազմութիւն են. «Զօրքերուն թագաւորները կը փախչին, կը փախչին»։ Տան մէջ բնակող կիները աւարը կը բաժնեն, Թէեւ գոմերուն մէջտեղը պառկած ըլլան, Աղաւնիի թեւերուն պէս արծաթով պատուած Ու անոր փետուրները՝ դեղին ոսկիով։ Ամենակարողին՝ այն երկրին վրայ թագաւորներ ցրուած ատենը, Երկիրը Սելմօնին մէջի ձիւնին պէս ճերմկցաւ։ Աստուծոյ լեռը Բասան լեռն է, Բազմագագաթ լեռը Բասան լեռն է, Ո՛վ բազմագագաթ լեռներ, ինչո՞ւ նախանձով կը նայիք. Ասիկա այն լեռն է՝ որուն մէջ Աստուած հաճեցաւ բնակիլ։ Յիրաւի Տէրը հոն պիտի բնակի յաւիտեան։ Աստուծոյ կառքերը երկու անգամ տասը հազար են, հազարաւոր անգամ հազար՝ ՝. Տէրը անոնց մէջ է, իր սուրբ տեղն է իբրեւ Սինայի մէջ։ Բարձր տեղը ելար, գերութիւնը գերի ըրիր, Պարգեւներ առիր մարդոց համար Ու ապստամբներուն համար ալ, Որպէս զի Տէր Աստուած անոնց մէջ բնակի ։ Տէրը օրհնեալ ըլլայ օրէ օր. Եթէ բեռ ալ դնէ մեր վրայ՝ ՝, Աստուած է մեր փրկիչը։ (Սէլա։) Աստուած մեզի փրկութեան Աստուած է, Մեզ մահուանէն ազատողը Տէր Եհովան է։ Աստուած պիտի փշրէ իր թշնամիներուն գլուխը, Նաեւ իր անօրէնութիւններուն մէջ պտըտողին մազոտ գանկը։ Տէրը ըսաւ. « Զանոնք Բասանէն ետ դարձնեմ. Ծովուն անդունդներէն ետ դարձնեմ. Այնպէս որ ոտքդ արեան մէջ թաթխուի, Շուներուդ լեզուն թշնամիներէն իր բաժինը առնէ »։ Քու քալուածքներդ տեսան, ո՛վ Աստուած. Իմ Աստուծոյս, իմ Թագաւորիս, քալուածքները սուրբ տեղին մէջ։ Առջեւէն երգողները գացին, Ետեւէն նուագածուները՝ Թմբուկ զարնող կոյսերուն մէջտեղը։ «Ժողովուրդներուն մէջ Աստուած օրհնեցէ՛ք, Տէրը՝ դո՛ւք որ Իսրայէլի աղբիւրէն էք»։ Այն տեղ են փոքր Բենիամինը, անոնց տիրապետողը, Յուդայի իշխանները իրենց բազմութիւնովը, Զաբուղոնի իշխանները ու Նեփթաղիմի իշխանները։ Քու Աստուածդ քու զօրութիւնդ հաստատեց։ Զօրացո՛ւր, ո՛վ Աստուած, այն բանը որ մեզի համար ըրիր։ Երուսաղէմ եղող տաճարիդ համար՝ Թագաւորները քեզի ընծաներ պիտի բերեն։ Եղէգներու մէջ բնակող գազանները ու ցուլերուն ժողովը Ժողովուրդներուն զուարակներուն հետ սաստէ՛, Որպէս զի խոնարհին՝ անոնք որ արծաթի կը ցանկան, Պատերազմ սիրող ժողովուրդները ցրուէ՛։ Եգիպտոսէն ազնուականներ պիտի գան. Եթովպիա իր ձեռքերը շուտով Աստուծոյ պիտի երկնցնէ։ Ո՛վ երկրի թագաւորութիւններ, երգեցէ՛ք Աստուծոյ, Սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը, (Սէլա,) Անոր՝ որ յաւիտեանս յաւիտենից երկինքներուն վրայ կը նստի Ահա անիկա ձայն կու տայ իր զօրաւոր ձայնովը, Փառք տուէ՛ք Աստուծոյ. Անոր մեծավայելչութիւնը Իսրայէլի վրայ է Ու անոր զօրութիւնը ամպերուն մէջ է։ Ահաւոր ես, ո՛վ Աստուած, քու սուրբ տեղերուդ մէջ։ Իսրայէլի Աստուածը՝ Ինք կու տայ իր ժողովուրդին ոյժ ու կարողութիւն։ Աստուած օրհնեալ ըլլայ։ Ապրեցո՛ւր զիս, ո՛վ Աստուած Վասն զի ջուրերը իմ անձիս հասան։ Խորունկ ցեխի մէջ կ’ընկղմիմ, Ուր կայնելու տեղ չկայ, Ջուրերուն խորունկ տեղերը մտայ Ու յորձանքները զիս ընկղմեցին։ Յոգնեցայ ես կանչելէն, կոկորդս ցամքեցաւ, Աչքերս նուաղեցան իմ Աստուծոյս սպասելէն։ Առանց պատճառի զիս ատողները գլխուս մազերէն շատ են. Զիս փուճ տեղ կորսնցնող թշնամիներս զօրացան։ Այն բանը որ չէի յափշտակած, ստիպեցին որ վճարեմ։ Ո՛վ Աստուած, իմ յիմարութիւնս դո՛ւն գիտես Ու յանցանքներս քեզմէ ծածկուած չեն։ Քեզի համբերողները իմ պատճառովս թող ամչնան, Ո՛վ Տէր, զօրաց Տէր, Քեզ փնտռողները իմ պատճառովս թող ամօթով չըլլան, Ո՛վ Իսրայէլի Աստուածը։ Վասն զի քեզի համար նախատինքի համբերեցի, Ամօթը ծածկեց իմ երեսս։ Եղբայրներուս՝ օտար Ու մօրս որդիներուն անծանօթ եղայ։ Վասն զի քու տանդ նախանձը զիս կերաւ Ու քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան։ Իմ անձս խոնարհեցուցի ծոմ պահելով, Ասիկա ինծի նախատինք սեպուեցաւ։ Իբր հանդերձ քուրձ հագայ Ու անոնց ծաղրանքի առարկայ եղայ։ Դուռը նստողները իմ վրայովս կը խօսին Ու արբեցողները երգեր շինեցին իմ վրաս։ Բայց ես իմ աղօթքս կ’ընեմ քեզի, Ո՛վ Տէր, ընդունելի ժամանակին։ Ո՛վ Աստուած, քու մեծ ողորմութիւնովդ, Քու փրկութեանդ ճշմարտութիւնովը ինծի պատասխան տուր։ Հանէ՛ զիս ցեխէն, որ չընկղմիմ Եւ զիս ատողներէն ու խորունկ ջուրերէն ազատուիմ։ Ջուրերուն յորձանքը թող զիս չընկղմէ Ու անդունդը թող զիս չկլլէ Ու ջրհորը իր բերանը վրաս թող չգոցէ։ Պատասխա՛ն տուր ինծի, ո՛վ Տէր, Վասն զի քու ողորմութիւնդ քաղցր է։ Քու առատ գթութեանդ համեմատ նայէ՛ ինծի Ու երեսդ մի՛ ծածկեր քու ծառայէդ, Վասն զի ես նեղութեան մէջ եմ։ Շուտով պատասխա՛ն տուր ինծի։ Իմ անձիս մօտեցի՛ր ու զանիկա փրկէ՛. Իմ թշնամիներէս զիս ազատէ։ Դուն գիտես իմ նախատինքս Եւ իմ ամօթս ու իմ խայտառակութիւնս։ Քու առջեւդ են բոլոր զիս նեղողները։ Նախատինքը սիրտս կոտրեց ու հիւանդացայ. Գթացող մը փնտռեցի, բայց չկար Ու մխիթարութիւն տուողներ՝ բայց չգտայ։ Հապա կերակուրի տեղ թոյն տուին ինծի Ու ծարաւցած ատենս՝ քացախ խմցուցին ինծի։ Անոնց սեղանը թող իրենց առջեւ՝ որոգայթ, Անոնց խնճոյքները իրենց վարմ ըլլան։ Անոնց աչքերը թող մթննան, որպէս զի չտեսնեն Ու անոնց մէջքերը դողացո՛ւր։ Քու սրտմտութիւնդ անոնց վրայ թափէ՛ Ու սաստիկ բարկութիւնդ անոնց վրայ թող հասնի։ Անոնց բնակարանը աւերակ ըլլայ Ու անոնց վրաններուն մէջ բնակող չգտնուի։ Վասն զի զայն որ դուն զարկիր, անոնք կը հալածեն Եւ քու վիրաւորածիդ ցաւին վրայով կը խօսին։ Անոնց անօրէնութեան վրայ անօրէնութիւն դիր, Որպէս զի արդարութեանդ չհասնին։ Կենաց գրքէն թո՛ղ ջնջուին Ու արդարներուն հետ թող չգրուին։ Բայց ես աղքատ ու վշտացած եմ. Ո՛վ Աստուած, քու փրկութիւնդ թո՛ղ զիս պաշտպանէ։ Աստուծոյ անունը պիտի գովեմ երգով Ու պիտի բարձրացնեմ զանիկա գոհութիւնով։ Ասիկա եղջերաւոր ու կճղակաւոր եզէն ու զուարակէն Աւելի՛ ընդունելի պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Հեզերը պիտի տեսնեն եւ ուրախանան. Ո՛վ Աստուած փնտռողներ, ձեր սիրտն ալ պիտի ապրի, Վասն զի Տէրը տնանկներուն կը լսէ Ու իր կապուածները չանարգեր Թող գովեն զանիկա երկինք ու երկիր, Ծովն ու բոլոր անոր մէջ շարժողները։ Վասն զի Աստուած Սիօնը պիտի փրկէ Ու Յուդայի քաղաքները պիտի շինէ Եւ հոն պիտի բնակին ու ժառանգեն զանիկա։ Իր ծառաներուն սերունդը պիտի ժառանգէ զանիկա Ու իր անունը սիրողները անոր մէջ պիտի բնակին։ Ո՛վ Աստուած, զիս փրկելու կամք ըրէ. Ո՛վ Տէր, ինծի օգնելու արտորցիր։ Թող ամչնան ու խայտառակ ըլլան Իմ անձս փնտռողները։ Ետ դառնան ու ամօթով ըլլան Ինծի չարիք ուզողները։ Թող ամչնալով ետ դառնան Անոնք որ ինծի «Վա՛շ, վա՛շ» կ’ըսեն։ Ամէն քեզ փնտռող Քեզմով թող ցնծայ եւ ուրախանայ Եւ քու փրկութիւնդ սիրողները Ամէն ժամանակ թող ըսեն. «Աստուած թո՛ղ մեծնայ»։ Բայց ես աղքատ ու տնանկ եմ, Ո՛վ Աստուած, շուտով հասի՛ր ինծի։ Իմ օգնականս ու փրկիչս դուն ես, Ո՛վ Տէր, մի՛ ուշանար։ Ո՛վ Տէր, քեզի յուսացի. Թող չամչնամ յաւիտեան։ Քու արդարութիւնովդ զիս ապրեցո՛ւր ու ազատէ՛ զիս։ Ականջդ ծռէ՛ ինծի ու փրկէ՛ զիս։ Ինծի ապաւինութեան վէ՛մ եղիր Եւ ամուր բերդ մը՝ զիս փրկելու, Քանզի դուն ես իմ վէմս ու ամրոցս։ Ո՛վ իմ Աստուածս, ամբարշտին ձեռքէն, Անօրէնին ու բռնաւորին ձեռքէն զիս փրկէ՛։ Վասն զի իմ վստահութիւնս դուն ես, ո՛վ Տէր Եհովա. Մանկութենէս ի վեր դուն ես իմ յոյսս, Ես քու վրադ հաստատուեցայ արգանդէն, Մօրս որովայնէն իմ պաշտպանս դուն ես. Իմ գովութեանս առարկան դո՛ւն ես։ Զարմանալի բանի մը պէս եղայ շատերուն, Բայց իմ զօրաւոր ապաւէնս դուն ես։ Բերանս քու գովաբանութիւնովդ լեցուն է. Ամէն օր՝ քու փառաբանութիւնովդ։ Ծերութեան ատեն զիս մի՛ ձգեր. Ոյժիս պակսած ատենը զիս մի՛ թողուր։ Վասն զի թշնամիներս ինծի համար կը խօսին Ու իմ անձս պաշարողները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն, Ըսելով. «Աստուած թողուց զանիկա. Հալածեցէ՛ք ու բռնեցէ՛ք զանիկա, Վասն զի ալ ազատող չկայ»։ Ո՛վ Աստուած, ինծմէ մի՛ հեռանար։ Ո՛վ իմ Աստուածս, ինծի օգնելու արտորցի՛ր։ Թող ամչնան ու կորսուին իմ անձիս հակառակորդները, Նախատինքով ու ամօթով թող ծածկուին ինծի չարութիւն ուզողները։ Բայց ես ամէն ատեն պիտի յուսամ Եւ քու գովաբանութիւններդ պիտի աւելցնեմ։ Բերանս պիտի պատմէ քու արդարութիւնդ, Ամէն օր՝ քու փրկութիւնդ, Վասն զի ես անոնց համրանքը չեմ գիտեր։ Պիտի քալեմ Տէր Եհովային զօրութիւնովը։ Քու արդարութիւնդ, միայն քուկդ պիտի յիշեմ։ Ո՛վ Աստուած, մանկութենէս ի վեր սորվեցուցիր ինծի. Մինչեւ հիմա քու հրաշալի գործերդ պատմեցի։ Ու հիմա մինչեւ ծերութեան ու ալեւորութեան ատենս Զիս մի՛ ձգեր, ո՛վ Աստուած. Որպէս զի պատմեմ քու կարողութիւնդ գալու ազգին Եւ քու զօրութիւնդ՝ այն ամենուն, որոնք պիտի գան։ Քու արդարութիւնդ ալ շատ բարձր է, ո՛վ Աստուած. Որ մեծամեծ բաներ ըրիր. Քեզի պէս ո՞վ կայ, ո՛վ Աստուած։ Դուն որ շատ ու ծանր նեղութիւններ ցուցուցիր ինծի, Նորէն զիս պիտի կենդանացնես Ու երկրին անդունդներէն նորէն զիս պիտի հանես։ Իմ պատիւս պիտի շատցնես Ու զիս պիտի մխիթարես։ Ուստի ես ալ պիտի գովեմ քեզ տաւիղով Քու ճշմարտութեանդ համար, ո՛վ իմ Աստուածս։ Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի քնարով, Ո՛վ Իսրայէլի Սուրբը։ Քեզի սաղմոս երգած ատենս իմ շրթունքներս պիտի ցնծան Ու իմ հոգիս՝ որ դուն փրկեցիր։ Իմ լեզուս ամէն օր քու արդարութեանդ մասին պիտի խօսի, Վասն զի ինծի չարիք ուզողները ամչցան ու խայտառակ եղան։ Ո՛վ Աստուած, քու իրաւունքներդ թագաւորին տուր Ու արդարութիւնդ՝ թագաւորին որդիին։ Անիկա արդարութիւնով պիտի դատէ քու ժողովուրդդ Ու աղքատներդ՝ իրաւունքով։ Լեռները խաղաղութիւն պիտի բերեն ժողովուրդին Ու բլուրներն ալ՝ արդարութիւն։ Ժողովուրդին աղքատներուն իրաւունք պիտի ընէ, Տնանկին զաւակները պիտի ազատէ Ու բռնաւորը պիտի ջարդէ։ Քեզմէ պիտի վախնան որչափ ատեն որ արեգակը ու լուսինը կը մնան, Ազգէ մինչեւ ազգ։ Հնձուած խոտի վրայ իջած անձրեւի պէս պիտի իջնէ, Տեղատարափներու պէս՝ որոնք երկիրը կը թրջեն։ Անոր օրերուն մէջ արդարը պիտի ծաղկի Ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ, Մինչեւ որ այլեւս լուսին չըլլայ։ Ծովէն մինչեւ ծովը պիտի տիրէ անիկա Ու գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը։ Անոր առջեւ անապատին բնակիչները ծունկ պիտի ծռեն Ու անոր թշնամիները փոշի պիտի լզեն։ Թարսիսի ու կղզիներուն թագաւորները ընծայ պիտի մատուցանեն, Շաբայի ու Սաբայի թագաւորները պարգեւ պիտի բերեն։ Բոլոր թագաւորները անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն, Բոլոր ազգերը անոր պիտի ծառայեն։ Վասն զի աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, Խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին Եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը Եւ անոնց արիւնը պատուական պիտի ըլլայ իր առջեւ։ Պիտի ապրի եւ Շաբայի ոսկիէն անոր պիտի տրուի Ու ամէն ատեն աղօթք պիտի մատուցանուի անոր։ Ամէն օր պիտի օրհնեն զանիկա։ Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը, Անոր պտուղը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։ Գետնի խոտին պէս պիտի ծաղկին քաղաքացիները։ Անոր անունը յաւիտեան պիտի մնայ։ Որչափ ատեն որ արեգակը կը մնայ, անոր անունն ալ պիտի մնայ Ու մարդիկ անով պիտի օրհնուին։ Բոլոր ազգերը երանութիւն պիտի տան անոր։ Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուածը, Իսրայէլի Աստուածը։ Միայն ինքն է հրաշքներ ընողը։ Անոր փառաւոր անունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ։ Ու բոլոր երկիր թող լեցուի անոր փառքովը։ Ամէն ու ամէն։ Յեսսէի որդիին՝ Դաւիթին՝ աղօթքները լմնցան։ Յիրաւի Աստուած բարի է Իսրայէլի, Այսինքն սրտով մաքուր եղողներուն։ Բայց քիչ մնաց, որ իմ ոտքերս ծռէին Ու մազ մնաց, որ իմ քայլերս սայթաքէին։ Վասն զի նախանձեցայ հպարտներուն, Երբ ամբարիշտներուն յաջողութիւնը տեսայ. Քանզի իրենց մահուան ժամանակն ալ ցաւ չունին, Մարմիննին ալ պատրաստ է։ Անոնք ուրիշ մարդոց նման նեղութեան մէջ չեն Եւ ուրիշ մարդոց պէս չեն տանջուիր։ Անոր համար վզնոցի պէս ամբարտաւանութիւնը զանոնք կը շրջապատէ. Բռնութիւնը հանդերձի պէս զանոնք կը ծածկէ։ Անոնց աչքերը պարարտութենէն դուրս կ’ելլեն եւ Սրտի խորհուրդներէն անդին կ’անցնին։ Ծաղր կ’ընեն ու չարութիւնով կը խօսին բռնութեան համար, Հպարտութիւնով կը խօսին։ Բերաննին երկնքի դէմ կը դնեն Ու իրենց լեզուն երկրի մէջ կը պտըտի։ (Անոր համար իր ժողովուրդը հոս պիտի դառնայ Ու առատութիւնով ջուր պիտի քամուի անոնց։) Ու կ’ըսեն. «Աստուած ի՞նչպէս կրնայ գիտնալ, Բարձրեալին քով գիտութիւն կա՞յ»։ Ահա ասոնք են ամբարիշտները, Միշտ յաջողութիւն ունին ու հարստութիւն կ’աւելցնեն։ Յիրաւի զուր տեղը իմ սիրտս մաքրեցի Ու իմ ձեռքերս անմեղութիւնով լուացի, Որովհետեւ ամէն օր կը տանջուիմ Ու ամէն առտու կը խրատուիմ։ Եթէ ըսէի. «Ես այսպէս պիտի խօսիմ», Քու որդիներուդ նենգութիւն ըրած պիտի ըլլայի։ Երբ խորհեցայ ասիկա իմանալու մասին, Դժուար թուեցաւ իմ աչքերուս, Մինչեւ որ Աստուծոյ սրբարանը մտայ, Անոնց վախճանը իմացայ։ Իրաւամբ դուն զանոնք սահուն տեղեր դրեր ես. Կործանման մէջ իջեցուցիր զանոնք։ Ի՜նչպէս յանկարծակի աւերմունքի մէջ ինկան. Հատան ու վախերով կորսուեցան։ Ինչպէս երազ մը՝ մարդուն արթննալէն յետոյ, Այնպէս, ո՛վ Տէր, քաղաքին մէջ անոնց պատկերը պիտի անարգես։ Երբ իմ սիրտս ցաւեցաւ Ու իմ երիկամունքներէս խոցուեցայ, Ես յիմար էի ու չէի իմանար, Քու առջեւդ անասուններու պէս էի։ Սակայն ես միշտ քեզի հետ եմ, Դուն իմ աջ ձեռքէս կը բռնես։ Դուն պիտի առաջնորդես զիս քու խորհրդովդ Ու վերջը փառքով զիս պիտի ընդունիս։ Ո՞վ ունիմ ես երկնքի մէջ. Երկրի վրայ ալ քեզմէ զատ մէկը չեմ ուզեր։ Իմ մարմինս ու սիրտս կը մաշին, Բայց Աստուած իմ սրտիս զօրութիւնը ու իմ բաժինս է յաւիտեան։ Վասն զի ահա անոնք որ քեզմէ կը հեռանան, կը կորսուին. Դուն կը սատկեցնես ամէնքը որ շնութիւն կ’ընեն՝ քեզմէ մոլորելով ։ Բայց Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ, Որպէս զի քու բոլոր գործերդ պատմեմ։ Ո՛վ Աստուած, ինչո՞ւ մեզ բոլորովին մերժեցիր Ու բարկութիւնդ կը մխայ քու արօտիդ ոչխարներուն վրայ։ Յիշէ՛ քու ժողովուրդդ որ սկիզբէն ստացար, Քու ժառանգութեանդ վիճակը որ փրկեցիր Ու Սիօն լեռը, ուր բնակեցար։ Բարձրացուր քու քայլերդ դէպի բոլորովին աւերուածները, Դէպի սուրբ տեղը թշնամիին ըրած բոլոր գէշ գործերը։ Քու թշնամիներդ կը պոռան քու տաճարիդ մէջ։ Իրենց նշանները նշանի տեղ կը դնեն։ Անիկա անտառի ծառերուն վրայ Կացիններ վերցնողի մը պէս ճանչցուեցաւ Ու հիմա անոր քանդակած զարդերը, Ամէնքը մէկէն, կացիններով ու մուրճերով կը կոտրտեն։ Կրակով այրեցին քու սրբարանդ։ Մինչեւ գետինը կործանեցին քու անուանդ բնակարանը։ Իրենց սրտերուն մէջ ըսին. «Կորսնցնենք ասոնք ամէնքը»։ Երկրին մէջ Աստուծոյ բոլոր ժողովարանները այրեցին։ Մեր նշանները չենք տեսներ։ Ալ մարգարէ չկայ։ Մեր քով մէկը չկայ, Որ գիտնայ թէ ասիկա մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ ։ Ո՛վ Աստուած, մինչեւ ե՞րբ նեղիչը պիտի նախատէ։ Թշնամին մինչեւ յաւիտեան քու անունդ պիտի անարգէ՞։ Ինչո՞ւ ետ կը քաշես քու ձեռքդ ու քու աջ ձեռքդ։ Զանիկա ծոցէդ հանէ ու կորսնցուր զանոնք ։ Բայց սկիզբէն իմ թագաւորս Աստուած է, Որ փրկութիւն կ’ընէ երկրի մէջ։ Դուն քու զօրութիւնովդ ծովը պատռեցիր, Վիշապներուն գլուխները ջուրերուն մէջ փշրեցիր։ Դուն ջարդեցիր Լեւիաթանին գլուխները. Զանիկա կերակուր ըլլալու տուիր անապատին մէջի ժողովուրդին։ Դուն ճեղքեցիր աղբիւրը ու վտակը, Դուն չորցուցիր մշտնջենաւոր գետերը։ Քուկդ է ցորեկը եւ քուկդ է գիշերը։ Լոյսը ու արեւը դուն պատրաստեցիր։ Դուն հաստատեցիր երկրին սահմանները։ Ամառը ու ձմեռը դուն ստեղծեցիր։ Յիշէ թէ թշնամին նախատեց Տէրը Ու յիմար ժողովուրդը քու անունդ անարգեց։ Գազանին մի՛ մատներ քու տատրակիդ անձը. Մի՛ մոռնար յաւիտեան քու աղքատներուդ կեանքը։ Նայէ՛ քու ուխտիդ, վասն զի երկրին խաւար տեղերը Բռնութեան բնակարաններով լեցուած են։ Թո՛ղ խեղճը ետ չդառնայ ամօթով. Թո՛ղ աղքատը ու տնանկը օրհնե՛ն քու անունդ։ Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, քու դատդ պաշտպանէ. Յիշէ՛ այն նախատինքը՝ որ անզգամը ամէն օր քեզի կ’ընէ։ Մի՛ մոռնար քու թշնամիներուդ ձայնը. Քեզի դէմ ոտքի ելնողներուն խռովութիւնը ամէն ժամանակ կը բարձրանայ։ Կը գովենք քեզ, ո՛վ Աստուած, Կը գովենք քեզ եւ քու անունդ կը կանչենք, Քու հրաշքներդ կը պատմենք։ Երբ որոշուած ժամանակը գայ, Ուղիղ դատաստան պիտի տեսնեմ։ Երկիրն ու անոր բոլոր բնակիչները մաշեցան. Անոր սիւները ես հաստատեցի։ (Սէլա։) Ըսի հպարտներուն. «Մի՛ հպարատանաք» Ու ամբարիշտներուն՝ «Եղջիւր մի՛ վերցնէք։ Ձեր եղջիւրները վեր մի՛ վերցնէք։ Ամբարտաւան պարանոցով մի՛ խօսիք»։ Վասն զի բարձրանալը ո՛չ արեւելքէն է Եւ ո՛չ արեւմուտքէն, ո՛չ ալ անապատէն, Հապա դատաւորը Աստուած է։ Մէկը կը ցածցնէ ու միւսը կը բարձրացնէ։ Վասն զի Տէրոջը ձեռքը բաժակ կայ ու գինին կարմիր է։ Անիկա լաւ խառնուած է ու անկէ կը թափէ Եւ երկրին բոլոր ամբարիշտները Անոր մրուրները քամելով պիտի խմեն։ Բայց ես յաւիտեան պիտի գովեմ, Յակոբին Աստուծոյն սաղմոս պիտի երգեմ։ Ամբարիշտներուն բոլոր եղջիւրները պիտի փշրուին, Արդարին եղջիւրները պիտի բարձրանան։ Աստուած Յուդայի մէջ ճանչցուած է. Անոր անունը Իսրայէլի մէջ մեծ է։ Անոր խորանը Սաղէմի մէջ է Եւ անոր բնակարանը՝ Սիօնի մէջ։ Տէրը հոն ջարդեց աղեղին նետերը, Վահանը, սուրը եւ պատերազմի զէնքերը։ (Սէլա։) Դուն փառաւոր ես, Յաւիտենական լեռներէն աւելի գերազանց ես։ Սրտով զօրաւորները յափշտակուեցան, Քունի մէջ թաղուեցան, Բոլոր զօրեղ մարդիկը ձեռքերնին չկրցան գործածել։ Ո՛վ Յակոբին Աստուածը, քու յանդիմանութեանդ պատճառով Կառքն ու ձին անզգայ պառկեցան։ Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, դուն ահաւոր ես Եւ ո՞վ կրնայ կայնիլ քու առջեւդ քու բարկութեանդ ատենը։ Դուն երկնքէն կատարեցիր դատաստանը։ Երկիրը վախցաւ ու լռեց, Աստուած դատաստան ընելու ելաւ, Որպէս զի երկրին բոլոր հեզերը փրկէ։ (Սէլա։) Իրաւցընէ մարդուն բարկութիւնը քեզ պիտի գովէ Ու մնացած բարկութիւնը դուն պիտի զսպես։ Ուխտ ըրէք ձեր Տէր Աստուծոյն ու կատարեցէք. Անոր բոլորտիքը եղողները Թող ընծաներ բերեն Ահաւորին։ Ինք իշխաններուն հոգին պիտի կտրէ, Ինք ահաւոր է երկրի թագաւորներուն։ Աստուծոյ կ’աղաղակեմ. Իմ ձայնս Աստուծոյ է ու ան ինծի պիտի լսէ։ Իմ նեղութեանս օրը Տէրը փնտռեցի։ Գիշերը տարածուած էր իմ ձեռքս ու չէր թուլնար։ Իմ անձս մխիթարուիլ չէր ուզեր։ Աստուած յիշեցի ու անհանգիստ եղայ։ Խորհեցայ ու իմ հոգիս նուաղեցաւ։ (Սէլա։) Իմ աչքերս արթուն պահեցիր, Խռովեցայ ու չկրցայ խօսիլ։ Միտքս բերի նախկին օրերը, Հին ժամանակներուն տարիները։ Գիշերուան մէջ կը յիշեմ իմ երգս, Իմ սրտիս հետ կը խօսիմ Ու իմ հոգիս ալ կը քննեմ։ «Արդեօք Տէրը յաւիտեան պիտի մերժէ՞ Ու ալ բնաւ պիտի չհաճի՞։ Միթէ անոր ողորմութիւնը բոլորովին պակսեցա՞ւ Ու իր խոստումը վերջացա՞ւ ազգէ մինչեւ ազգ։ Միթէ Աստուած գթութիւն ընելը մոռցա՞ւ, Միթէ բարկութիւնով արգիլե՞ց իր ողորմութիւնը»։ (Սէլա։) Ուստի ըսի. «Այս է իմ վիշտս, որ Բարձրեալին աջ ձեռքը փոխուած է»։ Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ. Յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ։ Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ Ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ։ Ո՛վ Աստուած, քու ճամբադ սրբութեան մէջ է։ Աստուծոյ պէս մեծ Աստուած ո՞վ կայ։ Հրաշքներ ընող Աստուածը դո՛ւն ես. Քու զօրութիւնդ ժողովուրդներու մէջ ցուցուցիր։ Քու բազուկովդ փրկեցիր քու ժողովուրդդ՝ Յակոբին ու Յովսէփին որդիները։ (Սէլա։) Երբ ջուրերը քեզ տեսան, ո՛վ Աստուած, Երբ ջուրերը քեզ տեսան՝ դողացին, Անդունդներն ալ սարսափեցան։ Ամպերը ջուր թափեցին. Երկինքները ձայն հանեցին. Նետերդ ալ գացին։ Քու որոտումիդ ձայնը երկինքն էր։ Փայլակները լոյս տուին աշխարհի։ Երկիր սասանեցաւ ու դողաց։ Քու ճանապարհդ ծովուն մէջ է Եւ քու ճամբադ մեծ ջուրերուն մէջ է Ու քու շաւիղներդ չեն երեւիր։ Հօտի պէս քու ժողովուրդիդ առաջնորդեցիր Մովսէսին ու Ահարոնին ձեռքովը։ Ո՛վ իմ ժողովուրդս, մտիկ ըրէք իմ օրէնքիս։ Խոնարհեցուցէք ձեր ականջը իմ բերնիս խօսքերուն։ Առակով պիտի բանամ իմ բերանս Ու հին ժամանակի խրթնաբանութիւնները պիտի յայտնեմ, Որոնք լսեցինք ու գիտցանք Եւ մեր հայրերը մեզի պատմեցին։ Մենք պիտի չպահենք անոնց որդիներէն եւ Յաջորդ սերունդին պիտի պատմենք Տէրոջը փառաւոր գործերն ու անոր զօրութիւնը Եւ անոր ըրած հրաշքները։ Վասն զի վկայութիւն հաստատեց Յակոբի մէջ Ու օրէնք դրաւ Իսրայէլի մէջ, Որոնք պատուիրեց մեր հայրերուն, Որպէս զի սորվեցնեն իրենց որդիներուն. Որպէս զի յաջորդ սերունդը եւ ծնանելու տղաքը, ասոնք իմանան Ու իրենց որդիներուն պատմեն։ Անոնք ալ իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դնելով՝ Չմոռնան Աստուծոյ գործերը, Հապա անոր պատուիրանքները պահեն Ու իրենց հայրերուն պէս Կամակոր ու ապստամբ ազգ մը չըլլան. Այնպիսի ազգ մը, որոնց սիրտը չէ հաստատուած Ու իրենց հոգին հաւատարիմ չէ Աստուծոյ։ Եփրեմի որդիները՝ որոնք սպառազինեալ աղեղնաւորներ էին, Պատերազմին օրը ետ դարձան, Աստուծոյ ուխտը չպահեցին Ու անոր օրէնքին համեմատ քալել չուզեցին Ու մոռցան անոր գործերը Եւ անոր հրաշքները, որոնք իրենց ցուցուցեր էր։ Անոնց հայրերուն առջեւ հրաշքներ ըրաւ, Եգիպտոսի երկրին՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։ Ծովը պատռեց ու զանոնք անցուց Եւ ջուրերն ալ դէզի պէս կանգնեցուց։ Ցորեկը ամպով առաջնորդեց անոնց Եւ բոլոր գիշերը կրակի լոյսով։ Վէմերը պատռեց անապատին մէջ Ու խմցուց անոնց ՝ իբր թէ մեծ անդունդէ մը։ Առուներ հանեց վէմէն Ու ջուրերը գետերու պէս բղխեցուց։ Բայց անոնք նորէն մեղանչեցին անոր դէմ Ու անապատին մէջ բարկացուցին Բարձրեալը Եւ իրենց սրտերուն մէջ Աստուած փորձեցին՝ Կերակուր ուզելով իրենց անձերուն համար։ Աստուծոյ դէմ խօսեցան ու ըսին. «Միթէ կարո՞ղ է Աստուած Անապատին մէջ սեղան պատրաստել։ Ահա վէմին զարկաւ ու ջուրերը բղխեցան Ու առուները վազեցին. Արդեօք հաց ալ կրնա՞յ տալ, Արդեօք միս կը պատրաստէ՞ իր ժողովուրդին համար»։ Ուստի՝ երբ Տէրը լսեց՝ բարկացաւ Եւ կրակ մը բորբոքեցաւ Յակոբին դէմ, Նաեւ բարկութիւն՝ Իսրայէլին վրայ. Վասն զի Աստուծոյ չհաւատացին Ու յոյսերնին անոր փրկութեանը վրայ չդրին. Թէեւ ինք վերէն հրաման ըրեր էր ամպերուն Ու երկնքի դռները բացեր էր Եւ կերակուրի համար անոնց վրայ մանանայ տեղացուցեր էր Ու երկնքի ցորենը տուեր էր անոնց։ Մարդիկ հրեշտակներուն հացը կերան՝ ՝, Կշտանալու չափ պաշար ղրկեց անոնց։ Երկնքի մէջ արեւելեան հովը հանեց Եւ իր զօրութիւնովը հարաւային հովը բերաւ. Անոնց վրայ փոշիի պէս միս տեղացուց։ Ծովու աւազին չափ թեւաւոր թռչուններ Անոնց բանակին մէջ եւ Անոնց վրաններուն չորս կողմը իջեցուց։ Կերան եւ աղէկ կշտացան. Վասն զի իրենց ցանկացածը իրենց տուաւ։ Իրենց ցանկացածներէն զուրկ չմնացին Եւ քանի որ իրենց կերակուրը իրենց բերանն էր, Աստուծոյ բարկութիւնը անոնց վրայ բորբոքեցաւ Ու սպաննեց անոնց զօրաւորները Ու գետինը զարկաւ Իսրայէլի ընտիրները։ Հակառակ ասոր նորէն մեղանչեցին Ու չհաւատացին անոր հրաշքներուն։ Ուստի ունայնութեան մէջ սպառեց անոնց օրերը Եւ ահի մէջ՝ անոնց տարիները։ Երբ կը սպաննէր զանոնք, զինք կը փնտռէին Ու ետ կը դառնային եւ առտու կանուխ ջերմեռանդութեամբ Աստուած կը փնտռէին։ Ու կը յիշէին թէ Աստուած իրենց Վէմն էր Եւ Բարձրեալն Աստուած իրենց Փրկիչն էր, Սակայն իրենց բերնովը կը շողոքորթէին Ու իրենց լեզուովը սուտ կը խօսէին անոր։ Իրենց սիրտը ուղիղ չէր անոր առջեւ Ու հաւատարիմ չէին անոր ուխտին մէջ։ Բայց ան ողորմած ըլլալով՝ անոնց անօրէնութեան կը ներէր Ու չէր կորսնցներ զանոնք ։ Շատ անգամ կը զսպէր իր բարկութիւնը Ու չէր բորբոքեցներ իր բոլոր սրտմտութիւնը, Վասն զի կը յիշէր թէ անոնք մարմին են, Հովի մը պէս, որ կ’երթայ ու ետ չի դառնար։ Քանի՜ անգամ զանիկա սրդողցուցին անապատին մէջ Ու բարկացուցին զանիկա անջուր տեղին մէջ Եւ կրկին ու կրկին Աստուած փորձեցին Ու Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին։ Չյիշեցին անոր ձեռքը Ու այն օրը երբ զիրենք թշնամիէն փրկեց Եւ թէ ի՛նչպէս իր նշանները ըրաւ Եգիպտոսի մէջ Ու իր հրաշքները՝ Տայանիսի դաշտին մէջ։ Արիւնի դարձուց անոնց գետերը Եւ անոնց առուները, որ չկրնան խմել։ Շանաճանճեր ղրկեց անոնց վրայ, որոնք կերան զանոնք։ Գորտեր՝ որոնք ապականեցին զանոնք։ Ու անոնց բերքը գրուիճին տուաւ Եւ անոնց վաստակը՝ մարախին. Անոնց որթատունկերը կարկուտով փճացուց Ու անոնց ժանտաթզենիները՝ խոշոր կարկուտով Եւ անոնց անասունները կարկուտին մատնեց Ու անոնց հօտերը՝ կայծակին։ Անոնց վրայ ղրկեց սաստիկ բարկութիւն, Սրտմտութիւն ու բարկութիւն ու նեղութիւն։ Չար հրեշտակները ղրկելով Իր բարկութեանը ճամբայ բացաւ։ Անոնց անձը մահուանէ չխնայեց, Հապա անոնց կեանքը ժանտախտի մատնեց։ Ամէն անդրանիկ սպաննեց Եգիպտոսի մէջ Եւ առջինեկները՝ Քամի վրաններուն մէջ։ Իր ժողովուրդը ոչխարներու պէս հանեց։ Զանոնք հօտի պէս վարեց անապատին մէջէն Եւ ապահովութեամբ առաջնորդեց, այնպէս որ չվախցան, Իսկ ծովը ծածկեց անոնց թշնամիները։ Ու զանոնք տարաւ իր սուրբ երկիրը՝ Այն լեռը՝ որ իր աջ ձեռքը ստացեր էր։ Անոնց առջեւէն ազգեր վռնտեց Եւ ժառանգութիւն բաժնեց անոնց Ու Իսրայէլի ցեղերը անոնց վրաններուն մէջ բնակեցուց։ Բայց անոնք փորձեցին ու սրդողցուցին Բարձրեալն Աստուածը Ու նկատի չառին անոր վկայութիւնները։ Իրենց հայրերուն պէս ետ դարձան ու նենգութիւն ըրին. Խաբեբայ աղեղի պէս խոտորեցան։ Վասն զի զանիկա սրդողցուցին իրենց բարձր տեղերովը Ու անոր նախանձը շարժեցին իրենց կուռքերովը։ Երբ Աստուած լսեց՝ բարկացաւ Եւ շատ անարգեց Իսրայէլը։ Սելովի խորանը մերժեց, Այն վրանը՝ որ մարդոց մէջ կանգնեցուցած էր։ Իր զօրութիւնը գերութեան մատնեց, Իր փառքը՝ թշնամիներուն ձեռքը։ Իր ժողովուրդը սուրի մատնեց Ու իր ժառանգութեանը վրայ բարկացաւ։ Կրակը կերաւ անոր երիտասարդները Ու անոր աղջիկները սուգ չըրին՝ ՝։ Անոր քահանաները սրով ինկան Ու անոր որբեւարիները չլացին։ Բայց Տէրը արթնցաւ որպէս թէ քունէ՝ Գինիէ սթափած զօրաւոր մարդու մը պէս Ու իր թշնամիները ետեւնուն զարկաւ, Յաւիտենական նախատինք տուաւ անոնց։ Յովսէփին վրանը մերժեց Ու Եփրեմին ցեղը չընտրեց, Հապա Յուդային ցեղը ընտրեց Ու Սիօն լեռը՝ որ սիրեց։ Իր սրբարանը շինեց բարձր բլուրներու պէս, Այն երկրին պէս որ յաւիտենապէս հաստատեց։ Իր Դաւիթ ծառան ընտրեց Եւ զանիկա ոչխարի փարախներէն առաւ, Ծիծ տուող ոչխարներուն ետեւէն բերաւ զանիկա, Որպէս զի իր Յակոբ ժողովուրդը Ու իր Իսրայէլ ժառանգութիւնը հովուէ։ Անիկա ալ հովուեց զանոնք իր սրտին անմեղութիւնովը Ու իր ձեռքերուն ճարտարութեամբը առաջնորդեց անոնց։ Ո՛վ Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան, Քու սուրբ տաճարդ պղծեցին, Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին։ Քու ծառաներուդ դիակները Երկնքի թռչուններուն կերակուր տուին, Քու սուրբերուդ մարմինը՝ երկրի գազաններուն։ Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի շուրջը Ու մէկը չկար որ զանոնք թաղէր։ Մեր դրացիներուն նախատինք եղանք, Ծաղր ու ծանակ՝ մեր շուրջը եղողներուն։ Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր, միշտ պիտի բարկանա՞ս. Քու նախանձդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։ Թափէ՛ քու բարկութիւնդ այն ազգերուն վրայ, Որոնք քեզ չեն ճանչնար Ու այն թագաւորութիւններուն վրայ, Որոնք քու անունդ չեն կանչեր։ Վասն զի Յակոբը կերան Ու անոր բնակութիւնը աւերակ դարձուցին։ Մի՛ յիշեր մեր առաջուան անօրէնութիւնները. Թող շուտով հասնին մեզի քու ողորմութիւններդ, Վասն զի խիստ թշուառացանք։ Քու անուանդ փառքին համար Օգնէ՛ մեզի, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը։ Քու անուանդ համար փրկէ՛ մեզ Ու մեր մեղքերը քաւէ՛։ Ինչո՞ւ ըսեն հեթանոսները. «Ո՞ւր է անոնց Աստուածը»։ Թող քու ծառաներուդ թափուած արեան վրէժը Մեր աչքերուն առջեւ յայտնուի հեթանոսներուն մէջ։ Կապուածին հառաչանքը քու առջեւդ թո՛ղ ելլէ։ Քու զօրութեանդ մեծութիւնովը, Մահուան մատնուածները ապրեցո՛ւր Ու եօթնապատիկ հատուցում ըրէ՛ մեր դրացիներուն իրենց ծոցին մէջ Այն նախատինքին փոխարէն, որով քեզ անարգեցին, ո՛վ Տէր։ Բայց մենք քու ժողովուրդդ ու քու արօտիդ ոչխարները, Յաւիտեան քեզ պիտի գովենք Ու քու փառքդ պիտի պատմենք սերունդէ սերունդ։ Ականջ դի՛ր, ո՛վ Իսրայէլին Հովիւը, Որ Յովսէփին հօտի պէս կ’առաջնորդես։ Դո՛ւն, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, պայծառացի՛ր։ Եփրեմին ու Բենիամինին եւ Մանասէին առջեւ Արթնցո՛ւր քու զօրութիւնդ Ու եկո՛ւր մեզ փրկէ։ Ո՛վ Աստուած, մեզի՛ դարձիր Եւ քու երեսդ փայլեցուր ու պիտի փրկուինք։ Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, Մինչեւ ե՞րբ պիտի բարկանաս քու ժողովուրդիդ աղօթքին։ Արտասուքի հաց կը կերցնես անոնց Ու մեծ չափով արտասուք կը խմցնես անոնց։ Մեզ նախատինքի առարկայ կ’ընես մեր դրացիներուն Ու մեր թշնամիներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ։ Ո՛վ զօրաց Աստուած, մեզի՛ դարձիր Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։ Եգիպտոսէն որթատունկ մը փոխադրեցիր, Հեթանոսները վռնտեցիր ու զանիկա տնկեցիր։ Անոր առջեւէն տե՛ղ պատրաստեցիր, Անոր արմատները հաստատեցիր Եւ անիկա երկիրը լեցուց։ Լեռները ծածկուեցան անոր հովանիովը Ու անոր ճիւղերը Աստուծոյ եղեւիններուն պէս եղան։ Իր ճիւղերը երկնցուց մինչեւ ծովը Ու իր բարունակները՝ մինչեւ Գետը։ Ինչո՞ւ փլցուցիր անոր ցանկերը, Որ ճամբայէն բոլոր անցնողները անոր պտուղը քաղեն։ Անտառին խոզը ապականեց զանիկա Ու դաշտի գազանները կերան զանիկա։ Ո՛վ զօրաց Աստուած, կ’աղաչե՛մ, դարձի՛ր. Նայէ՛ երկնքէն ու տե՛ս Ու այցելէ՛ այս որթատունկին, Որ քու աջ ձեռքովդ տնկեցիր Ու արմատը՝ որ քեզի համար զօրացուցիր։ Թող անոնք կրակով այրուին ու կտրուին, Քու սաստէդ թող կորնչին։ Թող քու ձեռքդ մարդուն վրայ ըլլայ Ու քու աջ ձեռքդ մարդու որդիին վրայ, որ քեզի համար զօրացուցիր։ Մենք այլեւս պիտի չդառնանք քեզմէ. Կենդանացո՛ւր մեզ ու քու անունդ պիտի կանչենք։ Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, մեզի՛ դարձիր Եւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։ Ցնծացէ՛ք Աստուծոյ առջեւ, որ մեր զօրութիւնն է, Ուրախութեա՛մբ աղաղակեցէք Յակոբին Աստուծոյն։ Սաղմոս ըսէ՛ք ու թմբուկ զարկէ՛ք Նաեւ անոյշ քնարը՝ տաւիղին հետ։ Փո՛ղ հնչեցուցէք ամսագլխուն, Նաեւ լուսնի լրման ատենը՝ ՝, մեր տօնին օրը։ Վասն զի ասիկա Իսրայէլի կանոնն է, Յակոբին Աստուծոյն հրամանն է։ Ինք վկայութիւն դրաւ ասիկա Յովսէփին մէջ, Եգիպտոսի երկրին վրայ յարձակած ատեն, Ուր լեզու մը լսեց, որ չէր գիտեր. «Քու թիկունքդ հեռացուցի բեռէն. Քու ձեռքերդ հանգչեցան կողովէն։ Նեղութեան մէջ կանչեցիր ու քեզ փրկեցի։ Պատասխան տուի քեզի որոտման մէջ գաղտնի տեղերէս։ Փորձեցի քեզ Մերիպայի ջուրին քով։ (Սէլա։) Լսէ՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս ու վկայեմ քեզի. Ո՛վ Իսրայէլ, ինծի մտիկ ըրէ՛, Օտար Աստուած թող չըլլայ քու մէջդ Ու օտար Աստուծոյ երկրպագութիւն մի՛ ըներ։ Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Որ հանեցի քեզ Եգիպտոսի երկրէն։ Լայն բաց քու բերանդ Ու զանիկա ես պիտի լեցնեմ։ Բայց իմ ժողովուրդս մտիկ չըրաւ իմ ձայնիս Ու Իսրայէլ զիս չուզեց։ Ուստի զանոնք իրենց սրտին կամակորութեանը թողուցի, Որպէս զի իրենց խորհուրդներուն համեմատ քալեն։ Երանի՜ թէ իմ ժողովուրդս ինծի մտիկ ընէր Ու Իսրայէլ իմ ճամբաներուս մէջ քալէր։ Շուտով պիտի խոնարհեցնէի անոնց թշնամիները Ու ձեռքս պիտի դարձնէի անոնց նեղիչներուն դէմ։ Տէրը ատողները խոնարհութիւն պիտի ընէին իրեն Ու անոնց ժամանակը յաւիտեան պիտի ըլլար։ Ան պիտի կերակրէր ձեզ պարարտ ցորենով Ու վէմէն վազած մեղրով ձեզ պիտի կշտացնէր»։ Աստուած կայնած է աստուածային ժողովին մէջ, Աստուածներուն մէջ դատաստան կը տեսնէ։ «Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք Ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք։ (Սէլա։) Արդար դատաստան ըրէք աղքատին ու որբին, Խեղճին ու չքաւորին իրաւունքը պաշտպանեցէ՛ք։ Փրկեցէ՛ք աղքատը ու տնանկը, Ամբարիշտներուն ձեռքէն ազատեցէ՛ք զանոնք »։ Չեն իմանար ու չեն հասկնար, Խաւարի մէջ կը պտըտին։ Երկրի բոլոր հիմերը շարժեցան։ Ես ըսի. «Դուք աստուածներ էք. Ու դուք ամէնքդ Բարձրեալին որդիներն էք, Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք Ու իշխաններէն մէկուն պէս պիտի իյնաք»։ Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, դատէ՛ երկիրը Վասն զի բոլոր ազգերը քեզի կը պատկանին։ Ո՛վ Աստուած, լուռ մի՛ կենար. Անձայն մի՛ ըլլար ու հանդարտ մի՛ կենար, ո՛վ Աստուած։ Վասն զի ահա քու թշնամիներդ կը գոռան Ու քեզ ատողները գլուխ կը վերցնեն։ Խորամանկութեան հնարք կը գտնեն քու ժողովուրդիդ դէմ Ու խորհուրդ կ’ընեն քու պահպանածներուդ դէմ։ Կ’ըսեն. «Եկէ՛ք, կորսնցնե՛նք զանոնք, որպէս զի ազգ չըլլան Ու ալ չյիշուի Իսրայէլին անունը»։ Վասն զի միաբան սրտով խորհուրդ ըրին Ու քեզի դէմ դաշնակցութիւն ըրին Եդովմին վրանները ու Իսմայելացիները, Մովաբն ու Հագարացիները, Գեբաղն ու Ամմոնը եւ Ամաղէկը, Փղշտացիները՝ Տիւրոսի բնակիչներուն հետ։ Նաեւ Ասուր անոնց հետ միաբանեցաւ, Ղովտին որդիներուն ձեռնտու եղան։ (Սէլա։) Ըրէ՛ անոնց ինչպէս Մադիամին, Ինչպէս Սիսարային ու Յաբինին ըրիր Կիսոն հեղեղատին քով։ Անոնք Ենդովրի մէջ սատկեցան, Աղբի պէս եղան երկրին վրայ։ Անոնց իշխանները Օրէբին ու Զէբին պէս Ու անոնց բոլոր երեւելիները Զեբէէին ու Սաղմանային պէս ըրէ, Որոնք ըսին. «Աստուծոյ բնակարանները Մենք ժառանգենք մեզի համար»։ Ո՛վ իմ Աստուածս, անոնք մղեղի պէս, Հովի առջեւ եղող շիւղի պէս ըրէ՛։ Ինչպէս կրակը անտառը կ’այրէ Ու բոցը լեռները կը բռնկեցնէ, Այնպէս հալածէ՛ զանոնք քու մրրիկովդ Ու խռովութեան մէջ ձգէ՛ զանոնք քու փոթորիկովդ։ Լեցո՛ւր անոնց երեսները անարգանքով, Որպէս զի քու անունդ խնդրեն, ո՛վ Տէր։ Թող ամչնան ու խռովին յաւիտեան Եւ ամօթալից ըլլան ու կորսուին. Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։ Ի՜նչպէս սիրելի են քու բնակարաններդ, Ո՛վ զօրաց Տէր։ Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարի Տէրոջը սրահներուն համար։ Իմ սիրտս ու մարմինս ցնծութեամբ կ’աղաղակեն Կենդանի Աստուծոյն։ Ճնճղուկն ալ տուն գտաւ Ու ծիծեռնակը իրեն բոյն՝ իր ձագերը դնելու համար, Քու սեղաններուդ քով, ո՛վ զօրաց Տէր, Իմ Թագաւորս ու Աստուածս։ Երանի՜ անոնց որ քու տանդ մէջ կը բնակին։ Անոնք անդադար քեզ պիտի օրհնեն։ (Սէլա։) Երանի՜ այն մարդոց, որոնց զօրութիւնը քեզմէ է Ու իրենց սրտին մէջ տանդ ճամբաները կան։ Արտասուաց հովիտէն անցնելով աղբիւրի պէս կ’ընեն զանիկա։ Առաջին անձրեւն ալ օրհնութիւնով պիտի ծածկէ զանիկա ՝ ՝։ Անոնք զօրութենէ զօրութիւն պիտի երթան, Մինչեւ որ Սիօնի մէջ Աստուծոյ առջեւ երեւնան. Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս, Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յակոբին Աստուածը։ (Սէլա։) Ո՛վ մեր վահանը Աստուած, տե՛ս Ու քու օծեալիդ երեսին նայէ՛։ Վասն զի քու սրահներուդ մէջ Մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է։ Աւելի նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տանը շեմին վրայ կենալ, Քան թէ ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ։ Քանզի Տէր Աստուածը արեւ ու վահան է. Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։ Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ Ուղղութեամբ քալողներէն։ Ո՛վ զօրաց Տէր, Երանելի՜ է քեզի յուսացող մարդը։ Ո՛վ Տէր, դուն հաւնեցար քու երկրիդ, Յակոբը գերութենէ դուն դարձուցիր։ Քու ժողովուրդիդ անօրէնութիւնը ներեցիր, Անոնց բոլոր մեղքերը ծածկեցիր։ (Սէլա։) Հեռացուցիր քու բոլոր սրտմտութիւնդ, Ետ դարձար քու սաստիկ բարկութենէդ։ Մեզ դարձուր՝ ՝, ո՛վ մեր փրկութեան Աստուածը Եւ քու բարկութիւնդ՝ որ մեր վրայ է՝ դադրեցո՛ւր։ Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞ս մեզի. Քու բարկութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ պիտի երկնցնե՞ս։ Միթէ ետ պիտի չդառնա՞ս ու մեզ կենդանացնես, Որպէս զի քու ժողովուրդդ քեզմով ուրախ ըլլայ։ Ցուցո՛ւր մեզի, ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ Եւ քու փրկութիւնդ մեզի տուր։ Պիտի լսեմ ինչ որ կը խօսի Տէր Աստուած. Վասն զի խաղաղութեամբ պիտի խօսի իր ժողովուրդին ու իր սուրբերուն, Որ սրտով իրեն կը դառնան։ Արդարեւ փրկութիւնը մօտ է իրմէ վախցողներուն, Որպէս զի մեր երկրին մէջ փառքը բնակի։ Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը իրարու պատահեցան, Արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը իրար համբուրեցին։ Ճշմարտութիւնը երկրէն պիտի բուսնի Ու արդարութիւնը երկնքէն վար պիտի նայի։ Տէրը բարութիւն պիտի տայ Ու մեր երկիրը՝ իր պտուղը։ Արդարութիւնը անոր առջեւէն պիտի երթայ Ու գնացքները ճամբու՝ ՝ պիտի դնէ։ Ո՛վ Տէր, խոնարհեցուր քու ականջդ։ Պատասխան տո՛ւր ինծի, վասն զի աղքատ ու տնանկ եմ։ Պահէ իմ անձս, վասն զի ես սուրբ եմ։ Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացող ծառադ դո՛ւն փրկէ։ Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, Վասն զի քեզի կը կանչեմ ամէն օր։ Ուրախացուր քու ծառայիդ անձը, Վասն զի դէպի քեզ կը վերցնեմ իմ անձս, ո՜վ Տէր։ Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես Եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։ Ակա՛նջ դիր իմ աղօթքիս, ո՛վ Տէր Ու մտի՛կ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնին։ Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ, Վասն զի դուն ինծի կը պատասխանես։ Աստուածներուն մէջ քեզի նման մէկը չկայ, ո՛վ Տէր Եւ քու գործերուդ պէս չկայ։ Բոլոր ազգերը, որոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գան Ու երկրպագութիւն ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր Եւ քու անուանդ փառք պիտի տան։ Վասն զի դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ’ընես։ Միայն դո՛ւն Աստուած ես։ Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ, Որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ. Միացուր իմ սիրտս՝ ՝, որպէս զի քու անունէդ վախնայ։ Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս Ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ։ Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ եղաւ իմ վրաս Ու դուն փրկեցիր իմ անձս խորունկ դժոխքէն։ Ո՛վ Աստուած, ամբարտաւանները ինծի դէմ ելան Ու խումբ մը բռնաւորներ իմ անձս փնտռեցին Եւ քեզ իրենց առջեւ չդրին։ Բայց դուն, ո՛վ Տէր, գթած ու ողորմած Աստուած ես, Երկայնամիտ ու ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն ես։ Նայէ՛ ինծի ու ողորմէ՛ ինծի։ Քու զօրութիւնդ տո՛ւր քու ծառայիդ Ու քու աղախինիդ որդին փրկէ՛։ Բարութեան նշան մը ցուցո՛ւր ինծի, Որպէս զի զիս ատողները տեսնեն ու ամչնան։ Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր։ Անոր հիմերը սուրբ լեռներուն վրայ են։ Տէրը Սիօնի դռները Յակոբին բոլոր բնակարաններէն աւելի կըսիրէ։ Փառաւոր բաներ կը պատմուին քեզի համար, Ո՛վ Աստուծոյ քաղաքը։ (Սէլա։) Ռահաբը ու Բաբելոնը պիտի յիշեմ զիս ճանչցողներուն մէջ՝ ՝, Ահա Փղշտացիներուն երկիրը ու Տիւրոս Քուշի հետ. Ասոնք ալ հոն ծնան։ Սիօնին համար պիտի ըսուի թէ «Այս մարդը ու այն մարդը հոն ծնաւ» Եւ Բարձրեալը ի՛նք պիտի հաստատէ զանիկա։ Տէրը ազգերը գրած ժամանակը պիտի ըսէ. «Ասիկա հոն ծնաւ»։ (Սէլա։) Ու երգողները նոյնպէս ալ սրնգահարները պիտի ըսեն. «Իմ բոլոր աղբիւրներս քու մէջդ են»։ Ո՛վ Տէր իմ փրկութեանս Աստուածը, Ցորեկը կ’աղաղակեմ ու գիշերը քու առջեւդ եմ ։ Իմ աղօթքս թող քու առջեւդ ելլէ։ Խոնարհեցո՛ւր քու ականջդ իմ աղաղակիս։ Վասն զի իմ անձս չարիքներով լեցուեցաւ Ու իմ կեանքս գերեզմանին մօտեցաւ։ Գուբը իջնողներուն հետ սեպուեցայ. Ոյժ չունեցող մարդու մը պէս եղայ։ Մեռելներու մէջ ինկած եմ Գերեզմանի մէջ պառկող սպաննուածներու պէս, Որոնք ա՛լ չես յիշեր Ու քու ձեռքէդ մերժուած են։ Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր, Խաւար ու խոր անդունդներու մէջ։ Քու տրտմութիւնդ ճնշեց իմ վրաս Եւ քու բոլոր ալիքներովդ զիս չարչարեցիր։ (Սէլա։) Իմ ճանչուորներս ինծմէ հեռացուցիր, Զիս գարշելի ըրիր անոնց առջեւ. Գոցուեցայ ու դուրս չեմ ելլեր։ Տառապանքէն աչքերս վատացան. Ամէն օր քեզի աղաղակեցի, ո՛վ Տէր, Ձեռքերս քեզի երկնցուցի։ Միթէ մեռելներո՞ւն հրաշք պիտի ընես. Միթէ մեռածնե՞րը պիտի ելլեն ու քեզ գովեն։ (Սէլա։) Միթէ կը պատմուի՞ քու ողորմութիւնդ գերեզմանին մէջ Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ կորստեան մէջ։ Միթէ կը ճանչցուի՞ն քու հրաշքներդ խաւարին մէջ Ու քու արդարութիւնդ՝ մոռացման երկրին մէջ։ Բայց ես, ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի Ու իմ աղօթքս առտուն քու առջեւդ պիտի ելլէ։ Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ իմ անձս կը մերժես Ու քու երեսդ կը ծածկես ինծմէ։ Ես խեղճ եմ ու մանկութենէս ի վեր մեռնելու վրայ եմ։ Քու ահերդ քաշեցի ու խռովեցայ։ Քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս իջաւ Եւ քու զարհուրանքներդ զիս կորսնցուցին։ Ամէն օր ջուրի պէս զիս պատեցին, Միասին չորս կողմս առին։ Հեռացուցիր ինծմէ սիրելին ու բարեկամը, Իմ ճանչուորներս խաւարի մէջ են։ Տէրոջը ողորմութիւնները յաւիտեան պիտի երգեմ. Քու հաւատարմութիւնդ իմ բերնովս ազգէ ազգ պիտի պատմեմ։ Վասն զի ըսի թէ ողորմութիւնդ յաւիտեան պիտի հաստատուի. Երկնքի մէջ պիտի հաստատես քու հաւատարմութիւնդ։ «Ես իմ ընտրեալիս հետ ուխտ ըրի, Իմ Դաւիթ ծառայիս երդում ըրի, ըսելով. ‘Քու սերունդդ յաւիտեան պիտի հաստատեմ Եւ ազգէ ազգ պիտի շինեմ քու աթոռդ’»։ (Սէլա։) Երկինքն ալ կը փառաւորէ քու հրաշքներդ, ո՛վ Տէր Եւ քու հաւատարմութիւնդ՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։ Վասն զի ո՞վ կայ երկնքի մէջ Տէրոջը հաւասար Ու հզօրներու որդիներուն մէջ ո՜վ կը նմանի Տէրոջը։ Աստուած խիստ զարհուրելի է սուրբերուն ժողովին մէջ Եւ ահաւոր է շուրջը եղողներուն վրայ։ Ո՛վ Տէր, զօրքերու Աստուած, ո՞վ է քեզի պէս հզօր Տէր Եւ քու հաւատարմութիւնդ քու բոլորտիքդ է։ Դուն կը տիրես ծովուն հպարտութեանը վրայ, Երբ անոր ալիքները բարձրանան, դուն կը հանդարտեցնես զանոնք։ Դուն ճնշեցիր Ռահաբը խոցուածի պէս, Քու զօրութեանդ բազուկովը ցրուեցիր քու թշնամիներդ։ Քուկդ է երկինքը եւ քուկդ է երկիրը։ Դո՛ւն հիմնեցիր աշխարհը ու անոր լիութիւնը։ Հիւսիսը ու հարաւը դո՛ւն ստեղծեցիր. Թաբորն ու Հերմոնը քու անունովդ կը ցնծան։ Դուն զօրաւոր բազուկ ունիս. Քու ձեռքդ ուժով է, քու աջ ձեռքդ բարձրացած է։ Արդարութիւնը ու իրաւունքը քու աթոռիդ հիմն են, Ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը քու երեսիդ առջեւէն կ’երթան։ Երանի այն ժողովուրդին որ կը ճանչնայ ազդարարութեան փողերուն ՝ ՝ ձայնը. Ո՛վ Տէր, անոնք քու երեսիդ լոյսովը պիտի քալեն։ Քու անունովդ ամէն օր պիտի ցնծան Ու քու արդարութիւնովդ պիտի բարձրանան։ Վասն զի դուն ես անոնց զօրութեանը փառքը Եւ քու հաճութիւնովդ պիտի բարձրանայ մեր եղջիւրը։ Վասն զի մեր վահանը Տէրոջն է Ու մեր թագաւորը Իսրայէլի Սուրբն է։ Այն ժամանակ տեսիլքով խօսեցար քու սուրբիդ հետ Ու ըսիր. «Օգնութիւն դրի զօրաւորին վրայ, Ժողովուրդէն ընտրուածը բարձրացուցի։ Իմ ծառաս Դաւիթը գտայ, Իմ սուրբ իւղովս օծեցի զանիկա. Անոր հետ իմ ձեռքս պիտի հաստատուի Ու իմ բազուկս պիտի զօրացնէ զանիկա։ Թշնամին պիտի չհարստահարէ զանիկա Ու անօրէնութեան որդին պիտի չչարչարէ զանիկա։ Անոր թշնամիները իր առջեւէն պիտի կոտրեմ Ու զանիկա ատողները պիտի զարնեմ։ Իմ հաւատարմութիւնս ու ողորմութիւնս անոր հետ պիտի ըլլան Ու անոր եղջիւրը իմ անունովս պիտի բարձրանայ։ Անոր ձեռքը ծովուն մէջ պիտի դնեմ Ու անոր աջ ձեռքը՝ գետերուն մէջ։ Անիկա ինծի պիտի կանչէ՝ ‘Դուն ես իմ Հայրս, Իմ Աստուածս ու իմ փրկութեանս Վէմը’։ Ես զանիկա անդրանիկ պիտի ընեմ՝ Երկրի թագաւորներէն աւելի բարձր։ Իմ ողորմութիւնս յաւիտեան պիտի պահեմ անոր համար Ու իմ ուխտս անոր հետ հաւատարիմ պիտի ըլլայ։ Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի հաստատեմ Ու անոր աթոռը երկնքի օրերուն չափ պիտի ընեմ։ Եթէ անոր որդիները իմ օրէնքս թողուն Ու իմ իրաւունքներովս չքալեն, Եթէ իմ կանոններս անարգեն Ու իմ պատուիրանքներս չպահեն, Ես ալ գաւազանով պիտի պատժեմ անոնց յանցանքը Ու հարուածներով՝ անոնց անօրէնութիւնը։ Բայց իմ ողորմութիւնս պիտի չկտրեմ անկէ Ու իմ հաւատարմութիւնս սուտ պիտի չհանեմ։ Իմ ուխտս պիտի չանարգեմ Ու շրթունքներէս ելածը պիտի չփոխեմ։ Անգամ մը երդում ըրի իմ սրբութիւնովս, Որ սուտ պիտի չըսեմ Դաւիթին. Անոր սերունդը յաւիտեան պիտի մնայ Ու անոր աթոռը իմ առջեւս արեգակին չափ. Լուսնին պէս յաւիտեան պիտի հաստատուի Ու երկնքի մէջ հաւատարիմ վկայի պէս »։ (Սէլա։) Բայց դուն երեսէ ձգեցիր ու անարգեցիր. Քու օծեալիդ բարկացար, Քու ծառայիդ հետ ըրած ուխտդ մերժեցիր, Անոր թագը գետնին հաւասար ըրիր, Անոր բոլոր պարիսպները փլցուցիր, Անոր բերդերը աւերակ ըրիր։ Բոլոր ճամբայէն անցնողները կողոպտեցին զանիկա, Նախատինք եղաւ իր դրացիներուն։ Զինք նեղողներուն աջ ձեռքը բարձրացուցիր, Անոր բոլոր թշնամիները ուրախացուցիր։ Անոր սուրին բերանը դարձուցիր Ու զինք պատերազմի մէջ չկայնեցուցիր։ Անոր փառքը դադրեցուցիր Ու անոր աթոռը գետինը զարկիր։ Անոր երիտասարդութեան օրերը կարճցուցիր, Զանիկա ամօթով ծածկեցիր։ (Սէլա։) Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր, Քու անձդ միշտ պիտի պահե՞ս Եւ քու սրտմտութիւնդ կրակի պէս պիտի բորբոքի՞։ Յիշէ՛ իմ կեանքիս երկարութիւնը. Միթէ ունայնութեան համա՞ր ստեղծեցիր մարդոց բոլոր որդիները։ Ո՞վ է այն մարդը, որ կրնայ ապրիլ ու երբեք մահ չտեսնել Եւ իր անձը դժոխքին ձեռքէն կրնայ փրկել։ (Սէլա։) Ո՛վ Տէր, ո՞ւր են քու առաջուան ողորմութիւններդ, Որոնք երդում ըրիր Դաւիթին քու հաւատարմութիւնովդ։ Ո՛վ Տէր, յիշէ՛ քու ծառաներուդ նախատինքը, Որ իմ ծոցիս մէջ կը կրեմ բոլոր մեծ ազգերէն. Որ քու թշնամիներդ անարգեցին, ո՛վ Տէր, Որ քու օծեալիդ քայլերը անարգեցին։ Օրհնեա՜լ ըլլայ Տէրը յաւիտեան։ Ամէն ու ամէն։ Ո՜վ Տէր, դուն մեզի ապաւէն եղար ազգէ մինչեւ ազգ։ Լեռներուն ծնանելէն առաջ՝ Երկրի եւ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ՝ Յաւիտենից մինչեւ յաւիտեանս դո՛ւն ես Աստուած։ Դուն մարդը փոշի կը դարձնես Ու կ’ըսես. «Ե՛տ դարձէք, մարդոց որդիներ»։ Վասն զի հազար տարին քու առջեւդ երէկուան պէս է, որ անցաւ, Կամ գիշերուան պահու մը պէս։ Կ’ընկղմես զանոնք, երազի պէս կ’ըլլան. Առտուն կանանչացած խոտի պէս կ’ըլլան. Առտուն կը ծաղկի ու կը կանանչանայ, Իրիկունը կը կտրուի ու կը չորնայ։ Վասն զի քու բարկութենէդ կը մաշինք Եւ քու սրտմտութենէդ կը խռովինք։ Մեր անօրէնութիւնները՝ քու առջեւդ Ու մեր ծածուկ մեղքերը քու երեսիդ լոյսին մէջ դրիր։ Վասն զի մեր բոլոր օրերը քու բարկութիւնովդ կ’անցնին, Մեր տարիները՝ ցնորքի մը պէս։ Մեր կեանքի տարիները եօթանասուն են. Եթէ զօրութիւնով ութսուն ալ ըլլան, Տակաւին անոնց փառքը աշխատանք ու ցաւ է, Վասն զի անոնք շուտով կ’անցնին ու մենք կը թռչինք։ Ո՞վ գիտէ քու բարկութեանդ զօրութիւնը Եւ քու սրտմտութիւնդ քու վախիդ համեմատ։ Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, Որ սրտի իմաստութիւն ստանանք։ Դարձի՛ր, ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ. Գթա՛ քու ծառաներուդ։ Կշտացուր մեզ կանուխ քու ողորմութիւնովդ, Որպէս զի ցնծանք ու ուրախ ըլլանք մեր բոլոր օրերուն մէջ։ Ուրախացո՛ւր մեզ այն օրերուն չափովը որ տրտմեցուցիր. Այն տարիներուն չափովը որ չարիք տեսանք։ Թող երեւնայ քու գործդ քու ծառաներուդ Եւ քու փառքդ՝ անոնց որդիներուն։ Ու մեր Տէր Աստուծոյն վայելչութիւնը մեր վրայ ըլլայ։ Ձեռքերնուս գործը հաստատէ մեր վրայ. Մեր ձեռքերուն գործը հաստատէ։ Բարձրելոյն ծածկոցին տակ բնակողը՝ Ամենակարողին հավանաւորութեանը տակ պիտի հանգչի։ Տէրոջը համար պիտի ըսեմ. «Իմ ապաւէնս ու իմ ամրոցս է. Իմ Աստուածս՝ որուն կը յուսամ»։ Արդարեւ ան պիտի փրկէ քեզ որսորդին որոգայթէն, Ապականիչ ժանտամահէն։ Քեզ իր փետուրներովը պիտի ծածկէ Ու իր թեւերուն տակ պիտի ապաստանիս։ Անոր ճշմարտութիւնը վահան մը ու ասպար մը պիտի ըլլայ քեզի ։ Պիտի չվախնաս գիշերուան զարհուրանքէն Ու ցորեկը՝ թռչող նետէն, Ոչ ալ ՝ մութ տեղը պտըտող ժանտամահէն Ու կէսօրուան ատեն սատկեցնող հարուածէն։ Հազար հոգի քու քովէդ Ու տասը հազար՝ քու աջ կողմէդ պիտի իյնան, Բայց քեզի հարուած մը պիտի չմօտենայ։ Միայն քու աչքերովդ պիտի նայիս Ու ամբարիշտներուն հատուցումը պիտի տեսնես։ Որովհետեւ դուն Տէրը՝ իմ Ապաւէնս, Բարձրեալը՝ քեզի ապաստանարան ըրիր, Քեզի չարիք պիտի չհասնի Եւ քու բնակարանիդ հարուած մը պիտի չմօտենայ։ Վասն զի իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, Որ քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ քեզ պահեն։ Անոնք ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, Որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես։ Առիւծի ու իժի վրայ պիտի քալես. Առիւծի կորիւնը ու վիշապը պիտի կոխկռտես։ Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ, Անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա. Անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, Վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ։ Ինծի պիտի կանչէ ու ես անոր պատասխան պիտի տամ, Նեղութեան մէջ անոր հետ պիտի ըլլամ, Պիտի ապրեցնեմ ու փառաւորեմ զանիկա, Երկայն օրերով պիտի կշտացնեմ զանիկա Ու իմ փրկութիւնս անոր պիտի ցուցնեմ։ Բարի է գոհանալ Տէրոջմէն Ու սաղմոս ըսել քու անուանդ, ո՛վ Բարձրեալ, Առտուները՝ քու ողորմութիւնդ Ու գիշերները քու հաւատարմութիւնդ պատմել Տասը լար ունեցող նուագարանով ու տաւիղով Եւ քնարի ձայնով։ Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, քու գործովդ զիս ուրախացուցիր. Քու ձեռքերուդ գործերովը պիտի ցնծամ։ Ո՛վ Տէր, որքա՜ն մեծ են քու գործերդ, Շատ խորունկ են քու խորհուրդներդ։ Անմիտ մարդը ասիկա չ’իմանար Ու յիմարը չի հասկնար։ Թէ՝ ամբարիշտներուն խոտի պէս բուսնիլը Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողներուն ծաղկիլը Իրենց յաւիտենական կորուստին կը տանին ։ Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան բարձր ես։ Վասն զի ահա քու թշնամիներդ, ո՛վ Տէր, Վասն զի ահա քու թշնամիներդ պիտի կորսուին, Բոլոր անօրէնութիւն գործողները պիտի ցրուին, Բայց իմ եղջիւրս միեղջերուին եղջիւրին պէս պիտի բարձրացնես։ Եւ նոր իւղով օծուեցայ Եւ իմ աչքերս թշնամիներուս կորուստը տեսան, Իմ ականջներս ինծի դէմ ելնող չարագործներուն կրած պատիժը լսեցին։ Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի, Լիբանանի եղեւինի պէս պիտի մեծնայ։ Տէրոջը տանը մէջ տնկուածները Մեր Աստուծոյն սրահներուն մէջ պիտի ծաղկին, Ծերութեան ատեն ալ պտուղ պիտի տան, Պարարտ ու կանանչ պիտի մնան, Որպէս զի պատմեն թէ Տէրը ուղիղ է։ Անիկա իմ Վէմս է ու անիրաւութիւն չկայ անոր քով։ Տէրը կը թագաւորէ։ Մեծածափառութիւն հագած է։ Տէրը զօրութիւն հագած ու գօտեւորուած է։ Աշխարհն ալ հաստատուած է, որպէս զի չսասանի։ Քու աթոռդ հինէն հաստատ է. Յաւիտենական ես դուն։ Ո՛վ Տէր, գետերը բարձրացուցին, Գետերը բարձրացուցին իրենց ձայնը. Գետերը կը բարձրացնեն իրենց շառաչիւնը։ Շատ ջուրերու ձայնէն ու ծովու զօրաւոր ալիքներէն Աւելի զօրաւոր է Տէրը բարձրութեան մէջ։ Քու վկայութիւններդ շատ վստահելի են։ Ո՛վ Տէր, սրբութիւնը քու տանդ կը վայլէ յաւիտեան։ Ո՛վ Տէր, վրէժխնդրութեա՛ն Աստուած, Ո՛վ վրէժխնդրութեան Աստուած, յայտնուէ՛։ Ելի՛ր, ո՛վ երկրի Դատաւոր, Ամբարտաւաններուն հատուցում ըրէ՛։ Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները, Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները պարծենան. Գոռոզութեամբ բարբառելով խօսին Ու բոլոր անօրէնութիւն գործողները պարծենան։ Ո՛վ Տէր, անոնք քու ժողովուրդդ կը հարստահարեն Ու քու ժառանգութիւնդ կը չարչարեն, Որբեւարին ու պանդուխտը կսպաննեն Եւ որբերը կը մեռցնեն Ու կ’ըսեն. «Տէրը չի տեսներ Եւ Յակոբին Աստուածը չ’իմանար»։ Իմացէ՛ք, ո՛վ անմիտներ Ու դո՛ւք, ո՛վ յիմարներ, ե՞րբ միտք պիտի առնէք։ Միթէ ականջը տնկողը չի՞ լսեր, Կամ թէ աչքը ստեղծողը չի՞ տեսներ։ Միթէ ազգերը խրատողը չի՞ յանդիմաներ. Միթէ մարդուն գիտութիւն սորվեցնողը չի՞ գիտեր ։ Տէրը մարդոց խորհուրդները գիտէ, Որոնք ունայնութիւն են։ Երանի՜ այն մարդուն, որը դուն կը խրատես, ո՛վ Տէր Եւ քու օրէնքդ անոր կը սորվեցնես, Որպէս զի չարութեան օրերուն մէջ զանիկա հանգչեցնես, Մինչեւ որ ամբարշտին համար հոր փորուի։ Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը երեսէ պիտի չձգէ Ու իր ժառանգութիւնը պիտի չլքէ։ Հապա իրաւունքը արդարութեան պիտի դառնայ Ու բոլոր սրտով ուղիղները անոր ետեւէն պիտի երթան։ Ո՞վ ինծի համար չարերուն դէմ պիտի ելլէ, Ո՞վ ինծի համար անօրէնութիւն գործողներուն դէմ պիտի կանգնի։ Եթէ Տէրը ինծի օգնական չըլլար, Քիչ պիտի մնար, որ իմ անձս լռութեան տեղը բնակէր։ Երբ կ’ըսէի. «Իմ ոտքս կը սասանի», Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ զիս կը հաստատէր. Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ Քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին։ Միթէ քեզի հետ հաղորդակցութիւն ունի՞ անօրէնութեան աթոռը, Որ օրէնքին դէմ՝ ՝ չարիք կը պատրաստէ։ Արդարին անձին դէմ կը հաւաքուին Ու անմեղ արիւնը կը դատապարտեն։ Բայց Տէրը իմ ամրութիւնս է Ու իմ Աստուածս՝ իմ ապաւինութեանս վէմը։ Անոնց անօրէնութիւնը իրենց վրայ պիտի դարձնէ Ու զանոնք իրենց չարութիւնովը պիտի ջնջէ։ Մեր Տէր Աստուածը պիտի ջնջէ զանոնք։ Եկէ՛ք ցնծութիւն ընենք Տէրոջը առջեւ, Աղաղակե՛նք մեր փրկութեան Վէմին։ Գոհութիւնով անոր երեսին առջեւ գա՛նք, Սաղմոսներով աղաղակե՛նք անոր։ Վասն զի Տէրը մեծ Աստուած է Ու բոլոր աստուածներուն վրայ՝ մեծ Թագաւոր։ Անոր ձեռքին մէջ են երկրի խորունկ տեղերը Ու լեռներուն բարձրութիւնները անորն են։ Իրն է ծովը ու ինք շինեց զանիկա Եւ իր ձեռքերը ստեղծեցին ցամաքը։ Եկէ՛ք, երկրպագութիւն ընենք ու ծռինք. Ծունկ կրկնենք մեզ ստեղծող Տէրոջը առջեւ, Վասն զի ան է մեր Աստուածը Ու մենք անոր արօտին ժողովուրդը եւ անոր ձեռքին ոչխարներն ենք։ Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք, Ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք ինչպէս Մերիպայի մէջ, Անապատին մէջ փորձութեան օրուանը պէս, Ուր ձեր հայրերը զիս փորձեցին, Քննեցին զիս ու իմ գործերս տեսան։ Քառասուն տարի զզուեցայ այն ազգէն Ու ըսի. «Անոնք սրտով մոլորած ժողովուրդ մըն են, Իմ ճամբաներս չճանչցան»։ Ուստի իմ բարկութեանս մէջ երդում ըրի, Որ անոնք իմ հանգիստս չմտնեն։ Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը, Ո՛վ բոլոր երկիր, երգեցէ՛ք Տէրոջը։ Երգեցէ՛ք Տէրոջը, օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Օրէ օր անոր փրկութիւնը քարոզեցէ՛ք։ Անոր փառքը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք Ու անոր հրաշքները՝ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, Քանզի Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի։ Անիկա բոլոր աստուածներուն վրայ ահաւոր է, Վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են, Բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց։ Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ, Զօրութիւն ու գեղեցկութիւն՝ անոր սրբարանին մէջ։ Տէրոջը տուէ՛ք, ո՛վ ժողովուրդներու տոհմեր, Տէրոջը տուէք փառք ու զօրութիւն։ Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը. Ընծայ բերէ՛ք ու անոր սրահներուն մէջ մտէ՛ք. Սուրբ հանդէսով՝ ՝ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրէ՛ք. Վախցէ՛ք անոր երեսէն, ո՛վ բոլոր երկիր։ Հեթանոսներուն մէջ ըսէք. «Տէրը կը թագաւորէ. Աշխարհն ալ հաստատած է, որպէս զի չսասանի. Անիկա պիտի դատէ ժողովուրդները ուղղութիւնով»։ Երկինք թո՛ղ ուրախանայ ու երկիր ցնծայ. Ծովը իր լիութիւնովը թո՛ղ գոռայ. Դաշտը ու բոլոր անոր մէջ եղողները թո՛ղ ուրախանան. Այն ատեն անտառին բոլոր ծառերը պիտի ցնծան Տէրոջը առջեւ, վասն զի պիտի գայ, Վասն զի պիտի գայ երկիրը դատելու. Պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով Ու ժողովուրդները՝ իր ճշմարտութիւնովը։ Տէրը կը թագաւորէ, երկիր թո՛ղ ցնծայ. Շատ կղզիներ թո՛ղ ուրախանան։ Անոր շուրջը ամպ ու մառախուղ կայ, Արդարութիւնը ու իրաւունքը անոր աթոռին հիմերն են։ Անոր առջեւէն կրակ կ’երթայ Ու անոր շուրջի թշնամիները կ’այրէ։ Անոր փայլակները աշխարհը կը լուսաւորեն։ Երկիր կը տեսնէ ու կը դողայ։ Լեռները մոմի պէս կը հալին Եհովային երեսէն, Բոլոր երկրին Տէրոջը երեսէն։ Երկինք կը պատմէ անոր արդարութիւնը Ու բոլոր ժողովուրդները կը տեսնեն անոր փառքը։ Թո՛ղ ամչնան այն ամէնքը, որոնք կուռքերուն կը ծառայեն, Որոնք ունայնութիւններով կը պարծենան։ Ո՛վ բոլոր աստուածներ, անոր երկրպագութիւն ըրէ՛ք։ Սիօն լսեց եւ ուրախացաւ Եւ Յուդային աղջիկները ցնծացին Քու իրաւունքներուդ համար, ո՛վ Տէր։ Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ։ Շատ բարձրացար բոլոր աստուածներուն վրայ։ Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք։ Անիկա իր սուրբերուն անձերը կը պահէ, Ամբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք։ Արդարին համար լոյս ծագեցաւ Եւ սրտով ուղիղներուն համար՝ ուրախութիւն։ Տէրոջմով ուրախացէ՛ք, ո՛վ արդարներ Ու անոր սրբութիւնը յիշելով շնորհակալ եղէք։ Նոր երգ երգեցէ՛ք Տէրոջը, Վասն զի հրաշքներ ըրաւ, Իր աջ ձեռքը ու սուրբ բազուկը Իրեն փրկութիւն տուին։ Տէրը ցուցուց իր փրկութիւնը, Ազգերուն առջեւ յայտնեց իր արդարութիւնը։ Յիշեց իր ողորմութիւնը ու իր հաւատարմութիւնը Իսրայէլի տանը համար. Երկրի բոլոր ծայրերը Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը տեսան։ Ցնծացէ՛ք Տէրոջը առջեւ, ո՜վ բոլոր երկիր. Ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք։ Սաղմոս երգեցէ՛ք Տէրոջը՝ քնարով, Քնարով ու սաղմոսի ձայնով, Փողերով ու շեփորի ձայնով, Աղաղակեցէ՛ք Տէր Թագաւորին առջեւ։ Թո՛ղ գոռան ծովն ու անոր լիութիւնը, Աշխարհ ու անոր բնակիչները։ Գետերը թո՛ղ ծափ զարնեն Ու լեռները մէկտեղ թո՛ղ ցնծան Տէրոջը առջեւ, վասն զի կու գայ երկիրը դատելու։ Անիկա պիտի դատէ աշխարհը արդարութիւնով Ու ժողովուրդները՝ ուղղութիւնով։ Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թո՛ղ սարսափին։ Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, երկիրը թո՛ղ շարժի։ Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։ Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։ Անիկա սուրբ է։ Թագաւորին զօրութիւնը իրաւունքը կը սիրէ՝ ՝։ Ուղղութիւն հաստատեցիր, Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբին մէջ։ Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին։ Անիկա սուրբ է։ Մովսէսն ու Ահարոնը անոր քահանաներուն մէջ Եւ Սամուէլն անոր անունը կանչողներուն մէջ Տէրոջը կ’աղաղակէին։ Անիկա պատասխան կու տար անոնց։ Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ։ Անոնք կը պահէին անոր վկայութիւնները Ու այն հրամանը, որ իրենց տուաւ։ Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց. Դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, անոնց կը ներէիր, Թէպէտ վրէժխնդիր եղար անոնց գործերուն։ Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր սուրբ լերանը վրայ. Վասն զի Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է։ Աղաղակեցէ՛ք Տէրոջը, ո՛վ բոլոր երկիր։ Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. Անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ։ Ճանչցէ՛ք թէ Եհովան է Աստուած. Անիկա ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք՝ ՝. Մենք անոր ժողովուրդը ու անոր արօտին ոչխարներն ենք։ Մտէ՛ք անոր դռները գոհութեամբ Ու անոր սրահները՝ օրհնութեամբ. Գոհացէ՛ք անկէ ու օրհնեցէ՛ք անոր անունը։ Վասն զի Տէրը բարի է. Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է Ու անոր հաւատարմութիւնը՝ ազգէ մինչեւ ազգ։ Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պիտի երգեմ։ Ո՛վ Տէր, քեզի սաղմոս պիտի ըսեմ։ Իմաստութիւնով պիտի քալեմ կատարելութեան ճամբուն մէջ. Ե՞րբ ինծի պիտի գաս։ Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։ Աչքերուս առջեւ շատ բան պիտի չդնեմ, Մոլորածներուն գործը կ’ատեմ, Թող անիկա ինծի չփակչի։ Ծուռ սիրտը թող զատուի ինծմէ։ Չարը պիտի չճանչնամ։ Ան որ ծածուկ կը խօսի իր ընկերին դէմ, պիտի ջնջեմ. Ան որ աչքերով բարձր է ու սրտով ամբարտաւան՝ Անոր պիտի չհամբերեմ։ Իմ աչքերս երկրի հաւատարիմներուն վրայ ըլլան, Որպէս զի ինծի հետ բնակին։ Կատարելութեան ճամբուն մէջ քալողը Ինծի ծառայութիւն պիտի ընէ։ Նենգաւորը պիտի չբնակի իմ տանս մէջ. Սուտ խօսողը աչքերուս առջեւ պիտի չհաստատուի։ Առտուն կանուխ պիտի ջնջեմ երկրին բոլոր ամբարիշտները, Որպէս զի Տէրոջը քաղաքէն բոլոր անօրէնութիւն գործողները կորսնցնեմ։ Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս Ու իմ աղաղակս թող քեզի հասնի։ Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ իմ նեղութեանս օրը, Խոնարհեցո՛ւր ինծի քու ականջդ, Շուտով պատասխան տուր ինծի այն օրը որ քեզի կը կանչեմ։ Վասն զի իմ օրերս մուխի պէս անհետացան Եւ իմ ոսկորներս խռիւի պէս այրեցան։ Սիրտս զարնուեցաւ ու խոտի պէս չորցաւ, Այնպէս որ իմ հացս ուտել մոռցայ։ Հառաչանքիս ձայնէն Ոսկորներս մարմնիս փական։ Անապատին մէջի հաւալուսին նմանեցայ, Աւերակներուն բուին պէս եղայ։ Անքուն մնացի ու նման եղայ Տանիքին վրայ մինակ եղող ճնճղուկին։ Ամէն օր իմ թշնամիներս զիս կը նախատեն, Իմ վրաս սաստիկ բարկացողները ինծի դէմ երդում կ’ընեն։ Վասն զի մոխիրը հացի պէս կերայ Ու խմելիքս արցունքով խառնեցի՝ Քու բարկութեանդ ու սրտմտութեանդ համար՝ Վասն զի զիս վերցուցիր ու նետեցիր։ Իմ օրերս երկնցած ստուերի պէս եղան Ու ես խոտի պէս չորցայ։ Բայց դուն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը կենաս Եւ քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։ Դուն պիտի ելլես ու Սիօնին ողորմիս. Վասն զի ժամանակն է անոր ողորմելու, Քանզի որոշուած ժամանակը հասաւ։ Քու ծառաներդ անոր քարերուն կը հաւնին Ու անոր հողին կը գթան։ Հեթանոսները պիտի վախնան Տէրոջը անունէն Ու երկրի բոլոր թագաւորները քու փառքէդ։ Տէրը պիտի շինէ Սիօնը, Իր փառքովը պիտի երեւնայ։ Տնանկներուն աղօթքին մտիկ պիտի ընէ Ու անոնց աղօթքը պիտի չանարգէ։ Այս պիտի գրուի գալու ազգին համար։ Դեռ չծնած ժողովուրդը Տէրոջը գոհութիւն պիտի տայ։ Վասն զի իր սրբութեանը բարձրութենէն նայեցաւ։ Տէրը երկնքէն երկրի վրայ նայեցաւ, Որպէս զի կապուածին հառաչանքը լսէ Ու մահուան դատապարտուածները արձակէ։ Որպէս զի Սիօնի մէջ Տէրոջը անունը պատմեն Ու անոր գովութիւնը՝ Երուսաղէմի մէջ, Երբ ժողովուրդները ու թագաւորութիւնները Մէկտեղ հաւաքուին՝ Տէրոջը ծառայելու համար։ Անիկա զօրութիւնս տկարացուց ճամբուն մէջ Ու իմ օրերս կարճըցուց։ Ես ըսի. «Ո՛վ իմ Աստուածս, Իմ օրերուս կիսուն մէջ զիս մի՛ վերցներ։ Քու տարիներդ ազգէ մինչեւ ազգ են։ Սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր Ու երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։ Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս։ Անոնց ամէնքը լաթի պէս պիտի մաշին, Հանդերձի պէս պիտի փոխես զանոնք Ու պիտի փոխուին։ Բայց դուն նոյնն ես Եւ քու տարիներդ պիտի չվերջանան։ Քու ծառաներուդ որդիները ապահով պիտի բնակին Ու անոնց սերունդը հաստատ պիտի մնայ քու առջեւդ»։ Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Ու այն ամէնը, որ իմ ներսիդիս է՝ անոր սուրբ անունը։ Ո՛վ իմ անձս, օրհնէ՛ Տէրը Եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները մի՛ մոռնար։ Որ կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւններդ Ու կը բժշկէ քու բոլոր հիւանդութիւններդ, Որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ Եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով. Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով Ու քու մանկութիւնդ արծիւի պէս կը նորոգուի։ Տէրը արդարութիւն ու իրաւունք կ’ընէ Բոլոր զրկուածներուն. Անիկա իր ճամբաները Մովսէսին ճանչցուց Ու իր գործերը՝ Իսրայէլի որդիներուն։ Բարեգութ ու ողորմած է Տէրը, Երկայնամիտ ու առատ՝ ողորմութիւնով։ Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր Եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր։ Անիկա մեր մեղքերուն համեմատ չըրաւ մեզի Ու մեր անօրէնութիւններուն համեմատ հատուցում չըրաւ մեզի։ Հապա որչափ որ երկինքը երկրէն բարձր է, Այնչափ իր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ զօրաւոր է։ Որչափ որ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է, Այնչափ հեռացուց մեզմէ մեր յանցանքները։ Ինչպէս հայր մը կը գթայ իր որդիներուն վրայ, Այնպէս ալ Տէրը կը գթայ իրմէ վախցողներուն վրայ։ Վասն զի ան գիտէ մեր կազմուածքը, Կը յիշէ թէ մենք հող ենք։ Մարդուն օրերը խոտի պէս են, Դաշտի ծաղիկի պէս կը ծաղկին։ Վասն զի հովը անոր վրայէն կ’անցնի ու ան կ’ոչնչանայ Եւ ա՛լ անոր տեղը չի ճանչնար զանիկա։ Բայց Տէրոջը ողորմութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից իրմէ վախցողներուն վրայ է Ու անոր արդարութիւնը՝ որդիներուն որդիներուն վրայ. Անոնց վրայ է ՝ որոնք կը պահեն անոր ուխտը Եւ կը յիշեն անոր պատուիրանքները եւ կը կատարեն։ Տէրը իր աթոռը երկնքի մէջ հաստատեց։ Անոր թագաւորութիւնը ամենուն վրայ կը տիրէ։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ հրեշտակներ, որ ուժով զօրաւոր էք, Որ անոր խօսքին ձայնը լսելով՝ իր հրամանը կը կատարէք։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր, Անոր կամքը կատարող պաշտօնեաներ։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ անոր բոլոր գործեր, Անոր տէրութեանը ամէն տեղերուն մէջ. Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս. Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս, դուն խիստ մեծ ես. Փառք ու վայելչութիւն հագած ես. Լոյսը հանդերձի պէս կը հագնիս, Երկինքը վարագոյրի պէս կը տարածես։ Անիկա իր վերնատունները ջուրերուն վրայ կը շինէ, Ամպերը իրեն կառք կ’ընէ, Հովին թեւերուն վրայ կը պտըտի։ Իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ Ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց։ Անիկա հաստատեց երկիրը իր հիմերուն վրայ, Որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի։ Անիկա անդունդով ծածկեցիր, իբր թէ հանդերձով, Ջուրերը լեռներուն վրայ կայնեցան։ Քու սաստելէդ փախան, Քու որոտմունքիդ ձայնէն արտորալով փախան, Լեռներուն վրայ ելան ու հովիտներուն մէջ ինկան, Այն տեղը որ դուն հաստատեցիր անոնց համար։ Սահման դրիր, որպէս զի չանցնին Ու նորէն երկիրը չծածկեն։ Ձորերուն մէջ աղբիւրներ կը ղրկէ, Ջուրերը լեռներուն մէջէն կը հոսին։ Անոնք դաշտի բոլոր գազաններուն կը խմցնեն Ու վայրի էշերը իրենց ծարաւը կ’անցնեն։ Անոնց քով երկնքի թռչունները կը բնակին, Ոստերուն մէջէն ձայն կու տան։ Անիկա իր վերնատուններէն լեռները կը ջրէ։ Քու գործերուդ պտուղէն երկիրը կը կշտանայ։ Անիկա անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէ Ու մարդուն ծառայութեան համար՝ բոյս, Որպէս զի կերակուր հանէ երկրէն Ու գինի՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը Եւ իւղ՝ որ անոր երեսը կը փայլեցնէ Ու հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը։ Տէրոջը ծառերը առատութեամբ ոռոգուած են, Լիբանանի եղեւինները՝ որոնք ինք տնկեց։ Հոն թռչունները բոյներնին կը շինեն Ու արագիլին բնակարանը մայրիներուն վրայ է։ Բարձր լեռները այծեամներուն ապաւէն են Ու վէմերը՝ ճագարներուն։ Ժամանակներու համար լուսինը ստեղծեց. Արեգակը իր մարը մտնելու ժամանակը գիտէ։ Խաւարը կը դնես ու գիշեր կ’ըլլայ, Որուն մէջ անտառին բոլոր գազանները կը պտըտին։ Առիւծներուն կորիւնները կը մռնչեն յափշտակութեան համար Ու Աստուծմէ իրենց կերակուրը կը խնդրեն. Երբ արեգակը ծագի կը հեռանան Եւ իրենց որջերուն մէջ կը պառկին։ Մարդ մինչեւ իրիկուն իր գործին Ու իր ծառայութեանը կ’երթայ։ Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. Որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ։ Այս ծովը մեծ ու լայն է, Հոն անթիւ սողացողներ, Պզտիկ ու մեծ կենդանիներ կան։ Հոն նաւերը կը քալեն Ու Լեւիաթանը՝ որ անոնց մէջ խաղալու համար ստեղծեցիր։ Ամէնքը քեզի կը սպասեն, Որպէս զի իրենց կերակուրը ժամանակին տաս։ Դուն անոնց կու տաս ու անոնք կը հաւաքեն։ Ձեռքդ կը բանաս ու բարութիւնով կը կշտանան։ Երբ քու երեսդ ծածկես՝ կը խռովին. Երբ անոնց հոգին առնես՝ կը մեռնին Եւ իրենց հողը կը դառնան։ Հոգիդ կը ղրկես ու անոնք կ’ստեղծուին Ու երկրին երեսը կը նորոգես։ Տէրոջը փառքը յաւիտենական թող ըլլայ. Տէրը իր գործերուն վրայ թող ուրախանայ։ Երկրի վրայ կը նայի ու ան կը դողայ. Լեռներուն կը դպչի եւ անոնք կը մխան։ Տէրոջ պիտի երգեմ բոլոր կեանքիս մէջ. Սաղմոս պիտի ըսեմ իմ Աստուծոյս՝ քանի որ ողջ եմ։ Անոր վրայով իմ մտածութիւնս քաղցր պիտի ըլլայ։ Ես Տէրոջմով պիտի ուրախանամ։ Մեղաւորները աշխարհէն թող պակսին Ու ամբարիշտները ոչնչանան։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անունը կանչեցէ՛ք, Անոր գործերը ժողովուրդներուն մէջ պատմեցէ՛ք։ Երգեցէ՛ք անոր, սաղմոս ըսէ՛ք անոր, Պատմեցէ՛ք անոր բոլոր հրաշքները։ Անոր սուրբ անունովը հպարտացէ՛ք։ Տէրը խնդրողներուն սիրտը թող ուրախ ըլլայ։ Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէ՛ք, Ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէ՜ք. Յիշեցէ՛ք անոր ըրած հրաշքները, Անոր նշանները ու բերնին դատաստանները։ Ո՛վ անոր ծառային՝ Աբրահամին՝ սերունդ, Ո՛վ Յակոբի որդիներ, անոր ընտրեալները։ Եհովան ինքն է մեր Աստուածը. Անոր դատաստանները բոլոր երկրի մէջ են։ Անիկա իր ուխտը յաւիտեան կը յիշէ Ու իր պատուիրած խօսքը՝ մինչեւ հազար ազգ. Այն ուխտը որ Աբրահամին ըրաւ Ու իր երդումը որ Իսահակին ըրաւ, Յակոբին ալ հաստատեց զանիկա՝ օրէնք մը ըլլալու Ու Իսրայէլին՝ իբրեւ յաւիտենական ուխտ մը, Ըսելով. «Քեզի պիտի տամ Քանանի երկիրը, Ձեր ժառանգութեան վիճակը»։ Երբ անոնք սակաւաթիւ էին, Քիչուոր ու պանդուխտ՝ անոր մէջ Ու մէկ ազգէ ուրիշ ազգի գացին, Մէկ թագաւորութենէ ուրիշ ժողովուրդի, Անիկա մէկո՛ւն թող չտուաւ, որ զանոնք նեղէ. Թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար, Ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք Ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք»։ Երբ սով բերաւ երկրի վրայ, Հացին բոլոր զօրութիւնը կոտրեց։ Անոնց առջեւէն մարդ ղրկեց, Յովսէփը՝ որ ծառայութեան ծախուեցաւ։ Անոր ոտքերը կապանքով նեղեցին, Անոր անձը երկաթի մէջ դրուեցաւ՝ Մինչեւ այն ժամանակ, երբ անոր խօսքը եկաւ, Տէրոջը խօսքը փորձեց զանիկա։ Թագաւորը ղրկեց ու արձակեց զանիկա։ Ժողովուրդներուն իշխանը ազատեց զանիկա։ Իր տանը վրայ տէր կեցուց զանիկա Եւ իր բոլոր ունեցածին վրայ՝ իշխան, Որպէս զի անոր իշխանները իր ուզածին պէս կապէ Ու անոր ծերերը իմաստուն ընէ։ Իսրայէլ Եգիպտոս եկաւ Ու Յակոբ պանդուխտ եղաւ Քամի երկրին մէջ։ Տէրը իր ժողովուրդը խիստ շատցուց Ու զանոնք իրենց թշնամիներէն աւելի զօրաւոր ըրաւ։ Անոնց սիրտը դարձուց, որպէս զի իր ժողովուրդը ատեն Ու իր ծառաներուն նենգութիւն ընեն։ Իր ծառան Մովսէսը ղրկեց Եւ իր ընտրած Ահարոնը, Որոնք անոնց մէջ իր նշանները ըրին Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ։ Խաւար ղրկեց ու խաւարեցուց Եւ անոր խօսքին դէմ չկեցան։ Անոնց ջուրերը արիւնի դարձուց Ու անոնց ձուկերը սպաննեց։ Անոնց երկիրը առատօրէն գորտեր դուրս բերաւ, Մինչեւ անոնց թագաւորներուն ներքին սենեակներուն մէջ։ Ըսաւ՝ ու շանաճանճը եւ մուները Անոնց բոլոր սահմաններուն մէջ եկան։ Անձրեւի տեղ կարկուտ տուաւ անոնց Ու կրակի բոցեր՝ անոնց երկրին մէջ։ Անոնց որթատունկերը ու թզենիները զարկաւ Եւ անոնց սահմաններուն ծառերը կոտրտեց։ Ըսաւ՝ ու եկան մարախը Եւ ջորեակը՝ առանց համրանքի, Որոնք անոնց երկրին մէջի բոլոր խոտը Եւ անոնց արտերուն պտուղը կերան։ Անոնց երկրին բոլոր անդրանիկները Ու անոնց բոլոր զօրութեանը սկիզբը զարկաւ։ Զանոնք ոսկիով ու արծաթով հանեց Ու անոնց ցեղերուն մէջ տկար մարդ չկար։ Եգիպտոս ուրախացաւ անոնց դուրս ելլելուն, Վասն զի անոնց ահը իրենց վրայ ինկած էր։ Ցորեկը ՝ հովանի ըլլալու համար ամպ Ու գիշերը՝ լոյս տալու համար կրակ տարածեց։ Խնդրեցին ու լորամարգիներ բերաւ Ու երկնքի հացով կշտացուց զանոնք։ Վէմը պատռեց ու ջուրերը վազեցին, Գետի պէս հոսեցան չոր տեղերուն մէջէն։ Վասն զի իր սուրբ խոստումը յիշեց, Որ իր Աբրահամ ծառային ըրեր էր ։ Ժողովուրդը ցնծութիւնով հանեց Եւ իր ընտրածները՝ ուրախութիւնով։ Հեթանոսներուն երկիրները անոնց տուաւ Եւ անոնք ժողովուրդներուն վաստակները ժառանգեցին, Որպէս զի անոր պատուիրանքները պահեն Ու անոր օրէնքները կատարեն։ Ալէլուիա՜։ Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Ո՞վ պիտի պատմէ Տէրոջը մեծ գործերը։ Ո՞վ պիտի իմացնէ անոր ամէն գովութիւնը։ Երանի՜ անոնց, որ իրաւունքը կը պահեն Ու ամէն ժամանակ արդարութիւն կ’ընեն։ Յիշէ՛ զիս, ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ վրայ ունեցած հաճութեանդ համեմատ, Ինծի այցելութիւն ըրէ քու փրկութիւնովդ, Որպէս զի քու ընտրեալներուդ բարութիւնը տեսնեմ, Քու ազգիդ ուրախութիւնովը ուրախանամ, Քու ժառանգութիւնովդ պարծենամ։ Մենք մեր հայրերուն հետ մեղանչեցինք, Անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն գործեցինք։ Մեր հայրերը Եգիպտոսի մէջ չիմացան քու հրաշքներդ, Չյիշեցին քու ողորմութեանդ շատութիւնը, Հապա ապստամբեցան ծովուն քով, Կարմիր ծովուն քով։ Բայց զանոնք իր անուանը համար փրկեց, Որպէս զի իր մեծ զօրութիւնը ճանչցնէ։ Եւ Կարմիր ծովուն հրամայեց ու ցամքեցաւ Ու անդունդներուն մէջէն քալել տուաւ անոնց, իբր թէ անապատին մէջէն Զանոնք փրկեց ատողին ձեռքէն Ու ազատեց զանոնք թշնամիին ձեռքէն։ Ջուրերը անոնց թշնամիները ծածկեցին, Անոնցմէ ո՛չ մէկը մնաց։ Այն ատեն հաւատացին անոր խօսքին Եւ օրհնութիւն երգեցին անոր։ Շուտով մոռցան անոր գործերը Ու անոր խրատին չսպասեցին։ Անապատին մէջ խիստ ցանկացին Ու Աստուած փորձեցին անջուր տեղին մէջ։ Եւ անոնց տուաւ անոնց ուզածը Թէպէտեւ վատուժութիւն ղրկեց անոնց անձերուն վրայ։ Երբ Մովսէսին նախանձեցան բանակին մէջ Ու Տէրոջը սուրբին՝ Ահարոնին, Երկիրը բացուեցաւ ու կլլեց Դաթանը Ու Աբիրոնի ժողովը ծածկեց։ Կրակը բորբոքեցաւ անոնց ժողովին մէջ, Բոցը այրեց ամբարիշտները։ Հորթ շինեցին Քորեբի մէջ Ու երկրպագութիւն ըրին ձուլածոյ պատկերին։ Իրենց Փառքը Խոտակեր արջառի նմանութեանը փոխեցին։ Մոռցան իրենց փրկիչ Աստուածը, Որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ Ու հրաշքներ՝ Քամի երկրին մէջ Եւ ահաւոր բաներ՝ Կարմիր ծովուն մէջ։ Ուստի ըսաւ թէ՝ զանոնք պիտի կորսնցնեմ, Եթէ անոր ընտրեալը՝ Մովսէս՝ Մէջտեղը անոր առջեւ կայնած չըլլար, Անոր բարկութիւնը իջեցնելու համար, որպէս զի չսատկեցնէ։ Նաեւ այն ցանկալի երկիրը անարգեցին Ու անոր խօսքին չհաւատացին։ Իրենց վրաններուն մէջ տրտնջեցին, Տէրոջը ձայնը չլսեցին։ Ուստի անոնց համար երդում ըրաւ՝ ՝, Որ զանոնք անապատին մէջ ձգէ Եւ անոնց սերունդը՝ ազգերու մէջ, Զանոնք երկիրներու մէջ ցրուէ։ Բայց անոնք Բելփեգովրի յարեցան Ու մեռածներուն զոհերը կերան Եւ իրենց գործերովը Տէրը բարկացուցին։ Ուստի անոնց վրայ ժանտամահ հասաւ։ Ետքը Փենէհէս ելաւ ու բարեխօսեց Եւ ժանտամահը դադրեցաւ։ Այս բանը անոր արդարութիւն սեպուեցաւ՝ Ազգէ մինչեւ ազգ՝ յաւիտեան։ Նաեւ բարկացուցին զԱնիկա Մերիպայի ջուրերուն քով։ Անոնց համար Մովսէսին գէշ եղաւ, Վասն զի դառնացուցին անոր հոգին։ Ան ալ անխորհրդաբար խօսեցաւ իր շրթունքներովը։ Չկորսնցուցին այն ազգերը, Որ Տէրը պատուիրեր էր անոնց. Հապա հեթանոսներուն հետ խառնուեցան Ու անոնց գործերը սորվեցան Եւ անոնց կուռքերուն ծառայեցին Ու անոնք իրենց որոգայթ եղան։ Իրենց տղաքներն ու աղջիկները Դեւերուն զոհեցին, Անմեղ արիւն թափեցին, Իրենց տղաքներուն ու աղջիկներուն արիւնը, Որոնք զոհեցին Քանանի կուռքերուն։ Երկիրը պղծուեցաւ արիւնով։ Իրենց գործերովը պղծուեցան Ու իրենց ըրածներովը պոռնկութիւն ըրին, Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ իր ժողովուրդին վրայ Ու զզուեցաւ իր ժառանգութենէն։ Զանոնք հեթանոսներուն ձեռքը մատնեց Ու զանոնք ատողները տիրեցին անոնց վրայ։ Անոնց թշնամիները նեղեցին զանոնք Ու անոնց ձեռքին տակ խոնարհեցան։ Շատ անգամ փրկեց անոնք, Բայց անոնք իրենց խորհուրդներովը դառնացուցին Անիկա Ու նուաստացան իրենց անօրէնութիւններուն համար։ Սակայն անիկա նայեցաւ անոնց նեղութեանը, Երբ անոնց աղաղակը լսեց Ու անոնց համար իր ուխտը յիշեց Եւ իր մեծ ողորմութեանը համեմատ զղջաց Ու անոնց բոլոր գերեվարներուն առջեւ Գթութիւն գտնել տուաւ անոնց։ Փրկէ՛ մեզ, ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը Ու հաւաքէ մեզ հեթանոսներուն մէջէն, Որպէս զի քու սուրբ անուանդ գոհութիւն մատուցանենք Ու քու օրհնութիւնովդ պարծենանք։ Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, Յաւիտեանս յաւիտենից։ Բոլոր ժողովուրդը թող ըսէ. «Ամէն»։ Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Թող այսպէս ըսեն Տէրոջը փրկածները, Որոնք փրկեց թշնամիին ձեռքէն Ու հաւաքեց զանոնք երկիրներէն, Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու ծովէն։ Անոնք մոլորեցան անապատին մէջ, անջուր ճամբու մէջ. Բնակելու քաղաք չգտան։ Անօթի ու ծարաւ ըլլալով՝ Հոգինին իրենց ներսիդին կը մարէր։ Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Եւ անիկա փրկեց զանոնք իրենց տառապանքներէն Ու զանոնք ուղիղ ճամբու մէջ առաջնորդեց, Մինչեւ որ բնակելու քաղաքը հասան։ Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար Ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։ Վասն զի անիկա ծարաւցած հոգին կը յագեցնէ Ու անօթեցածը բարութիւնով կը լեցնէ։ Անոնք խաւարի ու մահուան շուքի մէջ կը նստէին, Տառապանքով ու երկաթով կապուած էին, Վասն զի Աստուծոյ խօսքերուն հակառակ կեցան Ու Բարձրեալին խորհուրդը անարգեցին. Ուստի անիկա ալ նեղութիւնով խոնարհեցուց անոնց սիրտը։ Ինկան ու օգնական մը չկար։ Տէրոջը աղաղակեցին իրենց նեղութեանը մէջ Ու զանոնք փրկեց իրենց տառապանքներէն։ Զանոնք խաւարէն ու մահուան շուքէն հանեց Ու անոնց կապանքները կոտրտեց։ Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։ Վասն զի պղնձէ դռները փշրեց Ու երկաթէ նիգերը կոտրեց։ Յիմարները իրենց չար ճամբուն համար Ու իրենց անօրէնութիւններուն համար նեղութիւն կը կրեն։ Անոնց անձը ամէն կերակուրէ կը զզուի Ու մինչեւ մահուան դռներուն կը մօտենան։ Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։ Իր խօսքը կը ղրկէ ու կը բժշկէ զանոնք Ու կ’ազատէ զանոնք իրենց կործանումէն։ Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։ Գոհութեան պատարագներ թող մատուցանեն Ու անոր գործերը ցնծութեամբ պատմեն։ Նաւերով ծովը իջնողները Ու մեծ ջուրերու մէջ գործ գործողները, Անոնք Տէրոջը գործերը Ու անոր հրաշքները կը տեսնեն անդունդին մէջ։ Վասն զի ան կ’ըսէ ու մրրկալից հովը կը հանէ, Որ անոր ալիքները բարձրացնէ։ Երկինք կ’ելլեն ու անդունդը կ’իջնեն։ Անոնց անձերը նեղութենէ կը հալին, Գինով մարդու պէս կը դողդղան ու կ’երերան Եւ անոնց բոլոր իմաստութիւնը կը հատնի։ Այն ատեն Տէրոջը կ’աղաղակեն իրենց նեղութեանը մէջ Ու կը փրկէ զանոնք իրենց տառապանքներէն։ Մրրիկը կը հանդարտեցնէ Ու ալիքները կը դադարին։ Իրենք ալ կ’ուրախանան, որ դադարեցան Եւ կ’առաջնորդէ զանոնք իրենց ուզած նաւահանգիստը։ Թող գոհանան Տէրոջմէն իր ողորմութեանը համար, Իր ըրած հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։ Թող բարձրացնեն զանիկա ժողովուրդին մէջ Ու ծերերուն ատեանին մէջ թող գովեն զանիկա։ Գետերը անապատներու կը դարձնէ Ու ջուրերուն գնացքները՝ չոր երկրի Ու պտղաբեր երկիրը՝ աղի երկրի, Անոր բնակիչներուն չարութեանը համար։ Անապատը ջուրերու լիճի կը փոխէ Ու չոր երկիրը՝ ջուրերու գնացքի Եւ անօթիները հոն կը բնակեցնէ, Որպէս զի բնակելու քաղաք հիմնեն Ու արտեր հերկեն ու ցանեն ու այգիներ տնկեն, Որպէս զի պտուղ բերեն։ Զանոնք կ’օրհնէ եւ անոնք խիստ կը բազմանան Ու անոնց անասունները չի պակսեցներ։ Նորէն կը պակսին ու կը ցածնան Բռնութենէ, նեղութենէ ու տրտմութենէ։ Անարգանք կը թափէ իշխաններուն վրայ Ու զանոնք ճամբայ չունեցող անապատի մէջ կը մոլորեցնէ։ Բայց աղքատը խեղճութենէ կը բարձրացնէ Եւ անոր տոհմերը ոչխարներու հօտի պէս կ’ընէ։ Ուղիղները պիտի տեսնեն եւ ուրախանան Բայց ամէն անօրէնութիւն իր բերանը պիտի գոցէ։ Ո՞վ է իմաստուն՝ որ այս բաները պահէ։ Անիկա Տէրոջը ողորմութիւնները պիտի հասկնայ։ Իմ սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած. սիրտս պատրաստ է։ Պիտի երգեմ ու սաղմոս ըսեմ իմ փառքովս։ Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար։ Ես կանուխ պիտի արթննամ։ Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ Ու սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ։ Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ է ու երկնքէն վեր Եւ քու ճշմարտութիւնդ՝ մինչեւ ամպերը։ Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած Ու քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։ Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։ Աջ ձեռքովդ ապրեցուր ու պատասխան տուր ինծի։ Աստուած իր սրբութիւնովը՝ ՝ խօսեցաւ. «Ես ցնծութեամբ Սիւքէմը պիտի բաժնեմ Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։ Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն Եւ Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է։ Յուդան իմ օրէնսդիրս է. Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է։ Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս. Փղշտացիներուն դէմ ցնծութեամբ պիտի աղաղակեմ»։ Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը. Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։ Չէ՞ որ դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ Ու մեր գործերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։ Նեղութեան մէջ մեզի օգնէ, Վասն զի փուճ է մարդուն օգնութիւնը։ Աստուծմով քաջութիւն պիտի ունենանք։ Ան պիտի ոտնակոխէ մեր թշնամիները։ Ո՛վ իմ օրհնութեանս Աստուածը, լուռ մի՛ կենար. Վասն զի ամբարշտին Ու նենգաւորին բերանը բացուեցաւ իմ վրաս, Ինծի դէմ սուտ լեզուով խօսեցան։ Ատելութեան խօսքերով զիս պատեցին Եւ ինծի հետ անիրաւ տեղը կռուեցան։ Իմ սիրոյս փոխարէն հակառակութիւն ըրին ինծի, Բայց ես աղօթք կ’ընէի ։ Նաեւ իմ բարիքիս տեղ չարիք հատուցանեցին Ու իմ սիրոյս տեղ՝ ատելութիւն։ Անոր վրայ ամբարիշտ մը վերակացու դիր Եւ Սատանան թող կայնի անոր աջ կողմը. Երբ դատուի՝ յանցաւոր թող ելլէ Ու անոր աղօթքը մեղք թող սեպուի։ Անոր օրերը թող պակսին Եւ անոր պաշտօնը ուրիշը թող առնէ։ Անոր որդիները որբ թող ըլլան Ու անոր կինը՝ որբեւարի։ Անոր որդիները թափառական թող ըլլան ու մուրան Եւ իրենց աւերակներէն ելլելով հաց փնտռեն։ Փոխ տուողը թող առնէ անոր բոլոր ունեցածը Ու օտարները յափշտակեն անոր վաստկածը։ Բնաւ մէկը գթութիւն թող չընէ անոր Ու մէ՛կը թող չողորմի անոր որբերուն։ Անոր զաւակները կորուստի թող մատնուին, Անոնց անունը գալու ազգին մէջէն թող ջնջուի։ Անոր հայրերուն անօրէնութիւնը Տէրոջը առջեւ թող յիշուի Եւ անոր մօրը մեղքը՝ չջնջուի։ Անոնք ամէն ժամանակ Տէրոջը առջեւ թող ըլլան, Որպէս զի անոնց յիշատակը երկրէն վերցուի։ Վասն զի անիկա ողորմութիւն ընելը չյիշեց, Հապա խեղճը ու աղքատը հալածեց, Որպէս զի սիրտը կոտրածը սպաննէ։ Նաեւ անէծքը սիրեց։ Անէծքը թող անոր վրայ գայ։ Օրհնութիւնը չուզեց, ուստի օրհնութիւնը թող անկէ հեռանայ։ Անէծքը իր հանդերձին պէս հագաւ, Ուստի անէծքը ջուրի պէս անոր փորը թող մտնէ Ու ձէթի պէս՝ անոր ոսկորներուն մէջ։ Հագնելու հանդերձի պէս Ու միշտ մէջքը կապելու գօտիի պէս թող ըլլայ անոր։ Ինծի հակառակ կեցողներուն Ու իմ անձիս համար չար խօսողներուն վարձքը այս թող ըլլայ Տէրոջմէն։ Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, օգնէ՛ ինծի՝ ՝ քու անուանդ համար. Փրկէ՛ զիս քու բարի ողորմութեամբդ։ Վասն զի ես խեղճ ու աղքատ եմ Ու իմ սիրտս ներսիդիս խոցուած է։ Ես երկնցող ստուերի պէս անցայ, Մարախի պէս թօթուըուեցայ։ Ծունկերս ծոմապահութենէն տկարացան Ու մարմինս իր պարարտութենէն մաշեցաւ։ Ես անոնց նախատինք եղայ, Երբ զիս տեսնեն՝ գլուխնին կը շարժեն։ Օգնէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս. Փրկէ՛ զիս քու ողորմութեանդ համեմատ։ Թող գիտնան թէ ա՛յս է քու ձեռքդ Եւ դուն ըրիր ասիկա, ո՛վ Տէր։ Թող անոնք անիծեն, բայց դուն օրհնէ՛, Երբ ինծի դէմ ելլեն, թող ամչնան, Բայց քու ծառադ թող ուրախ ըլլայ։ Իմ թշնամիներս թող նախատինք հագնին Ու իրենց ամօթը պատմուճանի պէս իրենց վրայ առնեն։ Շատ պիտի գոհանամ Տէրոջմէն իմ բերնովս Ու շատերուն մէջ պիտի օրհնեմ զանիկա։ Վասն զի ինք աղքատին աջ կողմը կը կենայ, Որպէս զի անոր անձը դատապարտողներէն փրկէ։ Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. «Նստէ՛ իմ աջ կողմս, Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ»։ Տէրը քու զօրութեանդ գաւազանը Սիօնէն պիտի ղրկէ։ Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ։ Ժողովուրդդ քու զօրութեանդ օրը Յօժարակամ պիտի ըլլայ սրբութեան զարդարանքներով. Քու երիտասարդներդ արշալոյսին արգանդի ցօղէն՝ ՝ Աւելի պիտի ըլլան քեզի։ Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ. «Դուն յաւիտեան Մելքիսեդեկի կարգին պէս քահանայ ես»։ Տէրը քու աջ կողմդ է, Անիկա իր բարկութեան օրը թագաւորներ պիտի ջարդէ։ Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի ընէ, Մեռելներով պիտի լեցնէ, Շատ երկիրներու վրայ գլուխ եղողները պիտի ջարդէ։ Ճամբուն մէջ գետէն պիտի խմէ. Անոր համար գլուխ պիտի բարձրացնէ։ Ալէլուիա՜։ Բոլոր սրտով Տէրը պիտի գովեմ Ուղիղներուն ժողովին ու ժողովուրդին մէջ։ Տէրոջը գործերը մեծ են։ Անոնք բոլոր սիրողներէն կը քննուին։ Անոր գործը փառաւոր ու վայելուչ է Եւ անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ։ Յիշել տուաւ իր հրաշքները։ Տէրը ողորմած ու գթած է։ Կերակուր տուաւ իրմէ վախցողներուն։ Իր ուխտը յաւիտեան պիտի յիշէ։ Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին, Անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։ Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են, Անոր բոլոր պատուիրանքները հաւատարիմ են։ Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են, Ճշմարտութեամբ եւ ուղղութեամբ եղած են։ Փրկութիւն ղրկեց իր ժողովուրդին, Իր ուխտը յաւիտեանս պահել պատուիրեց։ Սուրբ ու ահաւոր է անոր անունը։ Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է. Լաւ հասկացողութիւն ունին անոնք, որ զանոնք կը կատարեն. Անոր օրհնութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։ Ալէլուիա՜։ Երանի՜ այն մարդուն, որ Տէրոջմէն կը վախնայ Ու անոր պատուիրանքներուն շատ կը հաւնի։ Անոր սերունդը զօրաւոր պիտի ըլլայ երկրի վրայ եւ Ուղիղներուն ցեղը պիտի օրհնուի։ Առատութիւն ու հարստութիւն պիտի ըլլայ անոր տանը մէջ Ու անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։ Խաւարին մէջ լոյս կը ծագի ուղիղներուն, քանզի Ողորմած ու գթած եւ արդար է։ Բարի մարդը կ’ողորմի ու փոխ կու տայ, Իր բաները իրաւունքով կը կատարէ։ Յիրաւի անիկա յաւիտեան պիտի չսասանի եւ Արդարին յիշատակը յաւիտեան պիտի մնայ։ Անիկա գէշ լուրէն չի վախնար. Անոր սիրտը հաստատ է ու Տէրոջը կը յուսայ։ Անոր սիրտը հաստատուած է, պիտի չվախնայ, Մինչեւ իր թշնամիներուն կորուստը տեսնէ։ Բաշխեց եւ աղքատներուն տուաւ. Անոր արդարութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։ Անոր եղջիւրը փառքով պիտի բարձրանայ։ Ամբարիշտը պիտի տեսնէ ու բարկանայ։ Իր ակռաները պիտի կրճտէ ու պիտի հալի։ Ամբարիշտներուն ցանկութիւնը պիտի կորսուի։ Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ, Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը, Օրհնեալ ըլլայ Տէրոջը անունը Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրոջը անունը։ Տէրը բարձր է բոլոր ազգերուն վրայ. Անոր փառքը երկնքէն վեր է։ Մեր Տէր Աստուծոյն պէս ո՞վ կայ, Որ բարձրութեան մէջ կը բնակի. Որ երկնքի ու երկրի մէջ եղած բաները Տեսնելու համար կը խոնարհի, Որ աղքատը փոշիէն վեր կը վերցնէ Ու տնանկը աղբանոցէն կը բարձրացնէ, Որպէս զի զանոնք նստեցնէ իշխաններուն հետ՝ Իր ժողովուրդին իշխաններուն հետ, Որ ամուլ կինը տունը կը բնակեցնէ Ու որդիներու ուրախ մայրը կ’ընէ ։ Ալէլուիա՜։ Երբ Իսրայէլ Եգիպտոսէն դուրս ելաւ Ու Յակոբին տունը օտարալեզու ժողովուրդին մէջէն, Յուդան՝ անոր սրբարանը Ու Իսրայէլ անոր իշխանութիւնը եղաւ։ Ծովը տեսաւ ու փախաւ։ Յորդանան ետ դարձաւ։ Լեռները խոյերու պէս ցատկռտեցին Ու բլուրները՝ գառնուկներու պէս։ Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՛վ ծով, որ փախար Եւ դո՛ւն, Յո՛րդանան, որ ետ դարձար։ Ո՛վ լեռներ, ինչո՞ւ խոյերու պէս ցատկռտեցիք Ու դո՛ւք, բլուրներ՝ գառնուկներու պէս։ Սարսափէ՛, ո՛վ երկիր, Տէրոջը երեսէն, Յակոբին Աստուծոյն երեսէն, Որ վէմը ջուրերու լիճի դարձուց Ու ապառաժը՝ ջուրերու աղբիւրի։ Ո՛չ թէ մեզի, ո՛վ Տէր, ո՛չ թէ մեզի, Հապա քու անուանդ փառք տուր՝ Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար։ Ինչո՞ւ համար հեթանոսները ըսեն. «Ո՞ւր է հիմա անոնց Աստուածը»։ Բայց մեր Աստուածը երկինքն է. Անիկա իր բոլոր ուզածը ըրաւ։ Անոնց կուռքերը արծաթ ու ոսկի են, Մարդու ձեռքի գործեր են, Բերան ունին՝ բայց չեն խօսիր. Աչքեր ունին՝ բայց չեն տեսներ. Ականջներ ունին՝ բայց չեն լսեր. Քիթ ունին՝ բայց հոտ չեն առներ. Ձեռքեր ունին՝ բայց չեն շօշափեր. Ոտքեր ունին՝ բայց չեն քալեր Ու իրենց կոկորդովը ձայն չեն հաներ։ Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողները Ու բոլոր անոնց յուսացողները։ Ո՛վ Իսրայէլ, Տէրո՛ջը յուսա՝ ՝. Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։ Ո՛վ Ահարոնի տուն, Տէրո՛ջը յուսացէք։ Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։ Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, Տէրո՛ջը յուսացէք։ Ան է անոնց օգնութիւնը ու ասպարը։ Տէրը մեզ կը յիշէ ու պիտի օրհնէ, Իսրայէլին տունը պիտի օրհնէ, Ահարոնին տունը պիտի օրհնէ. Տէրոջմէն վախցողները պիտի օրհնէ, Պզտիկները՝ մեծերուն հետ։ Տէրը ձեզի բարիք պիտի աւելցնէ, Ձեզի ու ձեր որդիներուն։ Օրհնեալ էք դուք Տէրոջմէն, Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։ Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է, Բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ։ Մեռելները Տէրը չեն օրհներ, Ոչ ալ անոնք, որ գերեզմանը կ’իջնեն։ Բայց մենք Տէրը պիտի օրհնենք Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Ալէլուիա՜։ Ուրախ եմ ես, վասն զի Տէրը Իմ ձայնս ու աղաչանքս լսեց, Վասն զի անիկա իր ականջը ինծի խոնարհեցուց, Ուստի բոլոր կեանքիս մէջ անոր պիտի կանչեմ։ Մահուան լարերը զիս պատեցին Ու գերեզմանին վիշտերը զիս գտան։ Նեղութիւն ու տրտմութիւն գտայ։ Բայց ես Տէրոջը անունը կանչեցի։ Կ՛աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս։ Ողորմած ու արդար է Տէրը Եւ մեր Աստուածը գթած է։ Տէրը միամիտները կը պահէ։ Ես խեղճ եղայ ու անիկա զիս ազատեց։ Ո՛վ իմ անձս, դարձիր քու հանգստութեանդ, Քանզի Տէրը քեզի բարիք ըրաւ։ Վասն զի դուն իմ անձս մահուանէ փրկեցիր, Իմ աչքերս՝ արցունքի ու իմ ոտքերս՝ գայթակղելէն։ Տէրոջը առջեւ պիտի քալեմ Կենդանիներուն երկրին մէջ։ Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ։ «Ես խիստ թշուառացայ»։ Իմ շփոթութեանս մէջ ըսի. «Ամէն մարդ սուտ է»։ Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ Անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն։ Փրկութեան բաժակը պիտի առնեմ Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։ Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ Պատուական է Տէրոջը առջեւ Իր սուրբերուն մահը։ Կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, վասն զի եւ քու ծառադ եմ։ Ես քու ծառադ եմ ու քու աղախինիդ՝ որդին։ Դո՛ւն իմ կապերս արձակեցիր։ Գոհութեան պատարագ պիտի մատուցանեմ քեզի Ու Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։ Իմ ուխտերս Տէրոջը պիտի հատուցանեմ Իր բոլոր ժողովուրդին առջեւ, Տէրոջը տանը սրահներուն մէջ, Քու մէջդ, ո՛վ Երուսաղէմ։ Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ բոլոր ազգեր, Գովեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ. Վասն զի անոր ողորմութիւնը մեր վրայ մեծ է Ու Տէրոջը ճշմարտութիւնը յաւիտեան է։ Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Իսրայէլ թող ըսէ. «Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ Ահարոնին տունը թող ըսէ. «Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ Տէրոջմէն վախցողները թող ըսեն. «Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։ Նեղութեան մէջ Տէրոջը կանչեցի Եւ Տէրը պատասխան տուաւ ինծի, լայնարձակ տեղ մը հանելով ։ Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար, Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։ Տէրը իմ օգնականներուս հետ մէկտեղ ինծի հետ է Ու ես թշնամիներուս կորուստը պիտի տեսնեմ։ Լաւ է Տէրոջը յուսալ, Քան թէ մարդոց ապաւինիլ։ Լաւ է Տէրոջը յուսալ, Քան թէ իշխաններուն ապաւինիլ։ Բոլոր ազգերը զիս պաշարեցին. Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։ Իմ բոլորտիքս առին եւ զիս պաշարեցին, Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։ Մեղուներու պէս իմ բոլորտիքս առին, Փուշերու կրակի պէս վառեցան։ Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։ Սաստիկ հրեցին զիս, որպէս զի վար իյնամ. Բայց Տէրը օգնեց ինծի։ Տէրը իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս է Ու իմ փրկութիւնս եղաւ։ Արդարներուն բնակարաններուն մէջ ցնծութեան ու փրկութեան ձայն կայ։ Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։ Տէրոջը աջ ձեռքը բարձր է։ Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։ Պիտի չմեռնիմ, հապա պիտի ապրիմ, Որ Տէրոջը գործերը պատմեմ։ Տէրը զիս շատ խրատեց, Բայց մահուան չմատնեց զիս։ Բացէ՛ք ինծի արդարութեան դռները, Որ անոնց մէջ մտնեմ ու Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեմ։ Ա՛յս է Տէրոջը դուռը, Արդարները ասկէ պիտի մտնեն։ Կը գոհանամ քեզմէ, որ ինծի պատասխան տուիր Ու ինծի փրկութիւն եղար։ Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, Անկիւնին գլուխը եղաւ։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ Զարմանալի է ասիկա մեր աչքերուն։ Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց. Ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք անոր մէջ։ Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛. Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր։ Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն։ Տէրը Աստուած է եւ լոյս կը ցուցնէ մեզի։ Զոհի անասունները չուաններով կապեցէք Ու սեղանին եղջիւրներուն մօտեցուցէք ։ Դուն ես իմ Աստուածս ու քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ։ Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզ պիտի բարձրացնեմ։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Երանի՜ ճամբով անբիծներուն, Որոնք Տէրոջը օրէնքին մէջ կը քալեն։ Երանի՜ անոնց՝ որոնք անոր վկայութիւնները կը պահեն Ու բոլոր սրտով զինք կը խնդրեն Եւ անօրէնութիւն չեն ըներ, Հապա անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։ Դուն պատուիրեցիր, որ շատ զգուշութեամբ Քու հրամաններդ պահենք։ Երանի՜ թէ իմ ճամբաներս հաստատուին Քու կանոններդ պահելով։ Այն ատեն պիտի չամչնամ՝ Երբ քու բոլոր պատուիրանքներուդ զգուշութիւն ընեմ։ Պիտի գովեմ քեզ ուղիղ սրտով, Երբ քու արդար դատաստաններդ սորվիմ։ Քու կանոններդ պիտի պահեմ. Զիս բոլորովին մի՛ թողուր։ Երիտասարդը ինչո՞վ մաքրէ իր ճամբան։ Քու խօսքիդ համեմատ անոր զգուշութիւն ընելով։ Իմ բոլոր սրտովս խնդրեցի քեզ։ Մի՛ թողուր զիս, որ քու պատուիրանքներէդ մոլորիմ։ Իմ սրտիս մէջ պահեցի քու խօսքերդ, Որպէս զի չմեղանչեմ քեզի դէմ։ Օրհնեալ ես դուն, ո՛վ Տէր, Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։ Իմ շրթունքներովս պատմեցի Քու բերնիդ բոլոր պատուիրանքները։ Քու վկայութիւններուդ ճամբովը ուրախացայ, Որպէս թէ ամէն կերպ հարստութիւնով։ Քու հրամաններուդ վրայով պիտի մտածեմ Եւ քու ճամբաներդ պիտի դիտեմ։ Քու կանոններովդ պիտի ուրախանամ Ու քու խօսքդ պիտի չմոռնամ։ Բարութիւն ըրէ քու ծառայիդ, Որպէս զի ապրիմ ու քու խօսքդ պահեմ։ Բաց իմ աչքերս, Որպէս զի քու օրէնքէդ հրաշքներ տեսնեմ։ Պանդուխտ եմ ես երկրի վրայ։ Մի՛ ծածկեր ինծմէ քու պատուիրանքներդ։ Իմ անձս կը նեղուի Ամէն ժամանակ քու դատաստաններուդ ցանկալէն։ Դուն սաստեցիր անիծեալ ամբարտաւանները, Քու պատուիրանքներէդ մոլորածները, Նախատինքը ու անարգանքը վերցուր ինծմէ, Վասն զի քու վկայութիւններդ պահեցի։ Իշխաններ ալ կը նստէին ու ինծի դէմ կը խօսէին, Բայց քու ծառադ քու կանոններուդ վրայով կը մտածէր։ Քու վկայութիւններդ իմ ուրախութիւնս Ու իմ խորհրդատուներս են։ Իմ անձս հողին կը փակչի, Կենադանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։ Իմ ճամբաներս պատմեցի ու դուն ինծի պատասխան տուիր։ Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։ Քու հրամաններուդ ճամբան ինծի իմացուր Եւ քու սքանչելիքներուդ վրայով պիտի մտածեմ։ Իմ անձս տրտմութենէ կը հալի, Հաստատէ՛ զիս քու խօսքիդ համեմատ։ Ստութեան ճամբան հեռացուր ինծմէ Ու քու օրէնքդ շնորհէ ինծի։ Ճշմարտութեան ճամբան ընտրեցի Եւ քու դատաստաններդ իմ առջեւս դրի։ Քու վկայութիւններուդ յարեցայ, Ո՛վ Տէր, զիս մի՛ ամչցներ։ Քու պատուիրանքներուդ ճամբուն մէջ պիտի վազեմ, Վասն զի դուն իմ սիրտս պիտի լայնցնես։ Ո՛վ Տէր, սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններուդ ճամբան Ու մինչեւ վերջը պիտի պահեմ զանիկա։ Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ Ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ։ Առաջնորդէ՛ ինծի քու պատուիրանքներուդ շաւիղին մէջ, Վասն զի անոր հաւնեցայ։ Իմ սիրտս քու վկայութիւններուդ յօժարեցուր Ու ո՛չ թէ ագահութեան։ Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն Եւ զիս քու ճամբուդ մէջ կենդանացուր։ Հաստատէ՛ քու խօսքդ Քեզմէ վախցող ծառայիդ վրայ։ Ե՛տ դարձուր ինծմէ իմ նախատինքս, որմէ կը վախնամ, Վասն զի քու դատաստաններդ բարի են։ Ահա ցանկացի քու հրամաններուդ. Քու արդարութեանդ մէջ կենդանացուր զիս։ Ո՛վ Տէր, թող իմ վրաս գայ քու ողորմութիւնդ Եւ քու փրկուիթւնդ՝ քու խօսքիդ համեմատ։ Ես խօսքով պատասխան պիտի տամ զիս նախատողին, Վասն զի քու խօսքիդ կը յուսամ։ Ճշմարտութեան խօսքը բնաւ մի՛ հեռացներ իմ բերնէս, Վասն զի իմ յոյսս քու դատաստանիդ վրայ է։ Քու օրէնքդ միշտ պիտի պահեմ, Յաւիտեանս յաւիտենից։ Լայնարձակ տեղի մէջ պիտի քալեմ, Քանզի քու հրամաններդ փնտռեցի։ Քու վկայութիւններդ թագաւորներու առջեւ պիտի յայտնեմ Եւ պիտի չամչնամ։ Պիտի ուրախանամ քու պատուիրանքներովդ՝ Որոնք սիրեցի։ Ձեռքերս դէպի քու պատուիրանքներդ պիտի վերցնեմ՝ որոնք սիրեցի Ու քու կանոններուդ վրայով պիտի մտածեմ։ Յիշէ՛ քու ծառայիդ եղած խօսքը, Որուն վրայ ինծի յուսալ տուիր։ Իմ նեղութեանս մէջ մխիթարութիւնս այս է, Վասն զի քու խօսքդ զիս կենդանացուց։ Ամբարտաւանները խիստ շատ ծաղր ըրին զիս, Բայց ես քու օրէնքէդ չխոտորեցայ։ Ո՛վ Տէր, քու առաջուան դատաստաններդ յիշեցի Ու մխիթարուեցայ։ Սոսկումը զիս բռնեց այն ամբարիշտներուն համար՝ Որոնք քու օրէնքդ կը թողուն։ Քու կանոններդ ինծի երգեր եղան Իմ պանդխտութեանս տանը մէջ։ Ո՛վ Տէր, գիշերը քու անունդ յիշեցի Ու քու օրէնքդ պահեցի։ Այս օրհնութիւնդ ստացայ, Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։ Դուն իմ բաժինս ես, ո՛վ Տէր. Խոստացայ որ քու խօսքերդ պահեմ։ Բոլոր սրտով քու երեսդ խնդրեցի. Ողորմէ՛ ինծի քու խօսքիդ համեմատ։ Իմ ճամբաներուս վրայով մտածեցի Եւ իմ ոտքերս քու վկայութիւններուդ դարձուցի։ Քու պատուիրանքներդ պահելու Արտորացի ու չուշացայ։ Ամբարիշտներուն խումբերը զիս պատեցին, Բայց ես քու օրէնքդ չմոռցայ։ Կէս գիշերին կ’ելլեմ քեզի գոհութիւն մատուցանելու Քու արդար դատաստաններուդ համար։ Ես ընկեր եղայ այն ամենուն, որոնք քեզմէ կը վախնան Ու քու հրամաններդ կը պահեն։ Ո՛վ Տէր, երկիրը լեցուն է քու ողորմութիւնովդ. Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։ Բարութիւն ըրիր քու ծառայիդ, ո՛վ Տէր, Քու խօսքիդ համեմատ։ Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուցիր ինծի, Վասն զի քու պատուիրանքներուդ հաւատացի։ Քանի որ վշտացած չէի՝ կը սխալէի, Բայց հիմա քու խօսքդ կը պահեմ։ Բարի ես դուն ու բարերար։ Սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։ Ամբարտաւանները ստութիւն հնարեցին ինծի դէմ, Բայց ես բոլոր սրտովս քու հրամաններդ պիտի պահեմ։ Անոնց սիրտը ճարպի պէս պարարտացաւ, Բայց ես քու օրէնքովդ ուրախացայ։ Աղէկ եղաւ ինծի որ վշտացայ, Որպէս զի քու կանոններդ սորվիմ։ Ինծի հազարաւոր ոսկիէ ու արծաթէ Աւելի աղէկ է քու բերնիդ օրէնքը։ Զիս քու ձեռքերդ ըրին ու ստեղծեցին. Իմաստուն ըրէ զիս, որպէս զի քու պատուիրանքներդ սորվիմ։ Քեզմէ վախցողները զիս պիտի տեսնեն եւ ուրախանան, Վասն զի քու խօսքիդ յուսացի։ Գիտեմ թէ, ո՛վ Տէր, քու դատաստաններդ արդար են Ու իրաւունքով զիս վշտացուցիր։ Հիմա թող ողորմութիւնդ ինծի մխիթարութիւն ըլլայ՝ Քու ծառայիդ տուած խոստումիդ համեմատ։ Թող քու գթութիւններդ իմ վրաս գան, որպէս զի ապրիմ, Վասն զի քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։ Ամբարտաւանները պիտի ամչնան, Վասն զի առանց պատճառի անիրաւութիւն ըրին ինծի, Բայց ես քու հրամաններուդ վրայ պիտի մտածեմ։ Թո՛ղ ինծի դառնան քեզմէ վախցողները Եւ քու վկայութիւններդ ճանչցողները։ Թո՛ղ իմ սիրտս կատարեալ ըլլայ քու կանոններուդ մէջ, Որպէս զի չամչնամ։ Իմ անձս քու փրկութեանդ կը կարօտի Ու ես քու խօսքիդ կը յուսամ։ Իմ աչքերս քու խօսքիդ համար կը նուաղին, Ըսելով. «Ե՞րբ պիտի մխիթարես զիս»։ Վասն զի ես ծուխի մէջ դրուած տիկի պէս եղայ, Բայց քու կանոններդ չմոռցայ։ Ո՞րչափ են քու ծառայիդ օրերը, Զիս հալածողներուն ե՞րբ դատաստան պիտի ընես։ Ամբարտաւանները փոսեր փորեցին ինծի համար, Որոնք քու օրէնքիդ համաձայն չեն։ Քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարիտ են։ Զուր տեղ զիս կը հալածեն, օգնէ՛ ինծի։ Քիչ մնաց որ զիս կորսնցնէին երկրի մէջ, Բայց ես քու հրամաններդ չթողուցի։ Քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացուր զիս Եւ քու բերնիդ վկայութիւնը պիտի պահեմ։ Ո՛վ Տէր, քու խօսքդ Յաւիտեան հաստատ է երկնքի մէջ։ Քու հաւատարմութիւնդ ազգէ մինչեւ ազգ կը մնայ։ Դուն հաստատեցիր երկիրը ու կը կենայ։ Քու հրամաններուդ պէս կը կենան մինչեւ այսօր. Վասն զի բոլորը քու ծառաներդ են։ Եթէ քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս չըլլար, Այն ատեն կորսուած պիտի ըլլայի իմ տրտմութեանս մէջ։ Յաւիտեան պիտի չմոռնամ քու հրամաններդ, Քանզի անոնցմով կենդանացուցիր զիս։ Ես քուկդ եմ, փրկէ՛ զիս. Վասն զի քու հրամաններդ փնտռեցի։ Ամբարիշտները ինծի սպասեցին որպէս զի զիս կորսնցնեն, Բայց ես քու վկայութիւններդ միտքս պիտի բերեմ։ Ամէն կատարելութեան վերջը տեսայ։ Քու պատուիրանքդ շատ ընդարձակ է։ Ո՜րչափ կը սիրեմ քու օրէնքդ։ Ա՛յն է ամէն օր իմ մտածութիւնս։ Քու պատուիրանքներդ զիս իմ թշնամիներէս իմաստուն ըրին, Քանզի անոնք միշտ իմ քովս են։ Իմ բոլոր ուսուցիչներէս աւելի հանճարեղ եղայ, Վասն զի քու վկայութիւններդ իմ մտածութիւնս են։ Ծերերէն աւելի իմաստուն եղայ, Վասն զի քու հրամաններդ պահեցի։ Ամէն գէշ ճամբայէ իմ ոտքերս ետ քաշեցի, Որպէս զի քու խօսքդ պահեմ։ Քու դատաստաններէդ չխոտորեցայ, Վասն զի դո՛ւն սորվեցուցիր ինծի։ Ո՜րչափ քաղցր է քու խօսքդ իմ քիմքիս, Մեղրէն աւելի անոյշ է իմ բերնիս։ Քու հրամաններովդ իմաստուն եղայ, Անոր համար ստութեան ամէն ճամբայ ատեցի։ Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է Ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։ Երդում ըրի ու պիտի կատարեմ, Որպէս զի քու արդար դատաստաններդ պահեմ։ Շատ նեղացայ, Ո՛վ Տէր, կենդանացո՛ւր զիս քու խօսքիդ համեմատ։ Հիմա իմ բերնիս կամաւոր զոհերը ընդունէ՛, ո՛վ Տէր Ու քու դատաստաններդ սորվեցո՛ւր ինծի։ Իմ հոգիս ամէն ժամանակ ափիս մէջ է, Բայց քու օրէնքդ չեմ մոռնար։ Ամբարիշտները որոգայթ լարեցին ինծի դէմ, Բայց ես քու հրամաններէդ չմոլորեցայ։ Քու վկայութիւններդ յաւիտեան ժառանգեցի, Վասն զի անոնք իմ սրտիս ցնծութիւնն են։ Խոնարհեցուցի իմ սիրտս, որպէս զի քու կանոններդ կատարեմ Յաւիտեան՝ մինչեւ վերջը։ Երկմիտները ատեցի, Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։ Իմ ապաւէնս ու ասպարս դուն ես, Քու խօսքիդ յուսացի։ Ե՛տ քաշուեցէք ինծմէ, ո՛վ չարագործներ, Վասն զի ես իմ Աստուծոյս պատուիրանքները պիտի պահեմ։ Պահպանէ զիս քու խօսքիդ համեմատ, որպէս զի ապրիմ Եւ զիս իմ յոյսէս մի՛ ամչցներ։ Զօրացո՛ւր զիս, որպէս զի ապրիմ Ու միշտ քու կանոններուդ ուշադրութիւն ընեմ։ Անարգեցիր այն ամէնը, որոնք քու կանոններէդ խոտորեցան, Քանզի անոնց խորամանկութիւնը փուճ է։ Դուն մետաղներու կղկղանք կը համարիս՝ ՝ երկրի բոլոր ամբարիշտները, Անոր համար ես քու վկայութիւններդ կը սիրեմ։ Իմ մարմինս քու ահէդ դողաց Ու ես քու դատաստաններէդ վախցայ։ Իրաւունք ու արդարութիւն ըրի, Զիս իմ նեղիչներուս մի՛ մատներ։ Քու ծառայիդ բարութեան համար երաշխաւոր եղիր. Ամբարտաւանները թող չհարստահարեն զիս։ Իմ աչքերս նուաղեցան քու փրկութեանդ համար Ու քու արդարութեանդ խօսքին համար։ Քու ծառայիդ քու ողորմութեանդ համեմատ ըրէ՛ Եւ քու կանոններդ սորվեցո՛ւր ինծի։ Ես քու ծառադ եմ, իմաստուն ըրէ՛ զիս, Որպէս զի քու վկայութիւններդ ճանչնամ։ Տէրոջը գործելու ժամանակն է, Վասն զի քու օրէնքդ խափանեցին։ Անոր համար քու պատուիրանքներդ Ոսկիէն ու ազնիւ ոսկիէն աւելի սիրեցի, Ուստի ամէն բանի վրայով պատուիրած քու բոլոր հրամաններդ ուղիղ կը համարեմ Ու ստութեան ամէն ճամբայ կ’ատեմ։ Քու վկայութիւններդ զարմանալի են, Անոր համար իմ անձս զանոնք կը պահէ։ Քու խօսքերուդ յայտնուիլը լոյս կու տայ Ու միամիտները իմաստուն կ’ընէ։ Իմ բերանս բացի ու հեւացի, Վասն զի քու պատուիրանքներուդ ցանկացի։ Ինծի նայէ՛ ու ողորմէ՛ ինծի, Ինչպէս սովորաբար կ’ընես քու անունդ սիրողներուն։ Իմ գնացքներս հաստատէ՛ քու խօսքիդ մէջ Ու ոչ մէկ անօրէնութիւն թո՛ղ չտիրէ ինծի։ Փրկէ՛ զիս մարդոց բռնութենէն Եւ քու հրամաններդ պիտի պահեմ։ Երեսդ փայլեցո՛ւր քու ծառայիդ վրայ Ու սորվեցո՛ւր ինծի քու կանոններդ։ Ջուրերու առուներ կ’իջնեն իմ աչքերէս, Վասն զի մարդիկ քու օրէնքդ չպահեցին։ Արդար ես դուն, ո՛վ Տէր Եւ քու դատաստաններդ ուղիղ են։ Քու պատուիրած վկայութիւններդ Արդար ու խիստ ճշմարիտ են։ Իմ նախանձս զիս մաշեցուց, Վասն զի իմ թշնամիներս քու խօսքերդ մոռցան։ Քու խօսքդ խիստ մաքուր է, Անոր համար քու ծառադ զանիկա կը սիրէ։ Ես ցած ու անարգուած եմ, Բայց քու հրամաններդ չմոռցայ։ Քու արդարութիւնդ յաւիտենական արդարութիւն է Ու քու օրէնքդ ճշմարտութիւն է։ Նեղութիւն ու վիշտ զիս գտան, Բայց քու պատուիրանքներդ իմ ուրախութիւնս են։ Քու վկայութիւններուդ արդարութիւնը յաւիտենական է. Իմաստուն ըրէ՛ զիս ու պիտի ապրիմ։ Բոլոր սրտով աղաղակեցի, Ո՛վ Տէր, պատասխան տուր ինծի ու քու կանոններդ պիտի պահեմ։ Քեզի աղաղակեցի, փրկէ՛ զիս Եւ քու վկայութիւններդ պիտի պահեմ։ Կանուխ ելայ արշալոյսին ու աղաղակեցի. Քու խօսքիդ յուսացի։ Գիշերուան պահերէն առաջ բացուեցան իմ աչքերս՝ Քու խօսքերուդ վրայ մտածելու համար։ Իմ ձայնս լսէ՛ քու ողորմութեանդ համեմատ. Ո՛վ Տէր, քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։ Անօրէնութեան հետեւողները ինծի մօտեցան. Քանզի քու օրէնքէդ հեռացան։ Ո՛վ Տէր, դուն մօտ ես Ու քու բոլոր պատուիրանքներդ ճշմարտութիւն են։ Սկիզբէն իմացած եմ քու վկայութիւններդ, Որոնք յաւիտեան հաստատեցիր։ Տե՛ս իմ խեղճութիւնս ու զիս փրկէ՛, Վասն զի քու օրէնքդ չմոռցայ։ Իմ իրաւունքս պաշտպանէ ու փրկէ՛ զիս, Քու խօսքիդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։ Փրկութիւնը հեռու է ամբարիշտներէն, Վասն զի քու կանոններդ չփնտռեցին։ Ո՛վ Տէր, քու գթութիւններդ շատ են, Քու դատաստաններուդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։ Շատ են իմ հալածիչներս ու թշնամիներս. Բայց ես քու վկայութիւններէդ չխոտորեցայ։ Անօրէնները տեսայ ու զզուեցայ. Վասն զի անոնք քու խօսքդ չէին պահեր։ Նայէ՛, քու հրամաններդ որքա՜ն կը սիրեմ. Ո՛վ Տէր, քու ողորմութեանդ համեմատ կենդանացո՛ւր զիս։ Քու խօսքիդ սկիզբը ճշմարտութիւն է Ու քու բոլոր արդար դատաստաններդ յաւիտենական են։ Իշխանները զուր տեղ զիս հալածեցին, Բայց իմ սիրտս քու խօսքէդ վախցաւ։ Ես կը ցնծամ քու խօսքերովդ, Շատ աւար գտնողի պէս։ Ստութիւնը ատեցի ու անարգեցի, Բայց քու օրէնքդ սիրեցի։ Օրը եօթը անգամ կ’օրհնեմ քեզ Քու արդար դատաստաններուդ համար։ Քու օրէնքդ սիրողներուն շատ խաղաղութիւն կայ Ու անոնց գայթակղութիւն չկայ։ Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի Եւ քու պատուիրանքներդ կատարեցի։ Իմ անձս քու վկայութիւններդ պահեց Ու ես զանոնք շատ կը սիրեմ։ Քու հրամաններդ եւ քու վկայութիւններդ պահեցի, Վասն զի իմ բոլոր ճամբաներս քու առջեւդ են։ Ո՛վ Տէր, թո՛ղ իմ աղաղակս քու առջեւդ մօտենայ Քու խօսքիդ համեմատ իմաստուն ըրէ զիս։ Թո՛ղ իմ աղաչանքս քու առջեւդ ելլէ. Քու խօսքիդ համեմատ փրկէ՛ զիս։ Իմ շրթունքներէս օրհնութիւն պիտի բղխի, Վասն զի քու կանոններդ սորվեցուցիր ինծի։ Իմ լեզուս քու խօսքդ պիտի պատմէ, Վասն զի քու բոլոր պատուիրանքներդ արդար են։ Թող քու ձեռքդ ինծի օգնական ըլլայ, Վասն զի քու հրամաններդ ընտրեցի։ Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ ցանկացի Ու քու օրէնքդ իմ ուրախութիւնս է։ Թող իմ անձս ապրի ու քեզ օրհնէ Եւ քու դատաստաններդ օգնեն ինծի։ Կորսուած ոչխարի պէս մոլորեցայ. Փնտռէ՛ քու ծառադ, վասն զի քու պատուիրանքներդ չմոռցայ։ Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցի Ու անիկա ինծի պատասխան տուաւ։ Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս սուտ շրթունքներէն Ու նենգաւոր լեզուէն։ Ո՛վ նենգաւոր լեզու, քեզի ի՞նչ պիտի տրուի Եւ քեզի ի՞նչ պիտի աւելցուի՝ ՝. Զօրաւոր մարդուն սուր նետերը Ու գիհիին կայծերը։ Վա՜յ ինծի, որ Մոսոքի մէջ պանդուխտ եղայ Եւ Կեդարի վրաններուն քովերը բնակեցայ։ Շատ ժամանակ իմ անձս բնակեցաւ Խաղաղութիւնը ատողներուն հետ։ Ես խաղաղասէր էի. Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ’ընէին ։ Աչքերս դէպի լեռները պիտի վերցնեմ, Ուրկէ իմ օգնութիւնս պիտի գայ։ Իմ օգնութիւնս Տէրոջմէն է, Որ երկինքը ու երկիրը ստեղծեց։ Անիկա քու ոտքդ պիտի չդողացնէ Ու քու Պահապանդ պիտի չքնանայ։ Ահա Իսրայէլի Պահապանը Պիտի չմրափէ ու պիտի չքնանայ։ Տէրը քու պահապանդ է. Տէրը քու աջ ձեռքիդ քով քու հովանիդ է։ Ցորեկը արեգակը քեզ պիտի չզարնէ, Ո՛չ ալ գիշերը՝ լուսինը։ Տէրը քեզ ամէն չարէն պիտի պահպանէ, Քու անձդ պիտի պահպանէ։ Տէրը քու ելլելդ ու մտնելդ պիտի պահպանէ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Կ’ուրախանայի երբ ինծի կ’ըսէին. «Տէրոջը տունը երթանք»։ Մեր ոտքերը քու դռներուդ մէջ կայնեցան, Ո՛վ Երուսաղէմ։ Երուսաղէմ այնպիսի քաղաքի մը պէս շինուած է, Որ ինքնիրեն ամրօրէն միացած է։ Ցեղերը, Տէրոջը ցեղերը հոն կ’ելնեն Իսրայէլի պատուիրածին պէս. Տէրոջը անուանը գոհութիւն մատուցանելու համար։ Վասն զի հոն դրուած են դատաստանի աթոռները, Դաւիթի տանը աթոռները։ Երուսաղէմին համար խաղաղութիւն խնդրեցէք։ Թո՛ղ յաջողին անոնք, որ քեզ կը սիրեն։ Խաղաղութիւն թո՛ղ ըլլայ քու պարիսպներուդ մէջ Ու յաջողութիւն՝ քու պալատներուդ մէջ։ Իմ եղբայրներուս ու ընկերներուս համար Հիմա պիտի ըսեմ. «Խաղաղութիւն ըլլայ քու մէջդ»։ Մեր Տէր Աստուծոյն տանը համար Քեզի բարութիւն պիտի ուզեմ։ Քեզի կը բարձրացնեմ ին աչքերս, Ով երկնքի մէջ Բնակող։ Ահա ինչպէս ծառաներուն աչքերը իրենց տիրոջը ձեռքին կը նային Ու ինչպէս աղախինին աչքերը՝ իր տիկնոջ ձեռքին, Այնպէս ալ մեր աչքերը Տէրոջը՝ մեր Աստուծոյն՝ պիտի նային, Մինչեւ մեզի ողորմի։ Ողորմէ՛ մեզի, ո՛վ Տէր, ողորմէ՛ մեզի, Վասն զի խիստ լեցուեցանք անարգանքով։ Խիստ լեցուած է մեր անձը հանգիստ վայելողներուն նախատինքովը Ու ամբարտաւաններուն անարգանքովը։ Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ՝ Եթէ Տէրը մեզի հետ չըլլար, Երբ մարդիկ մեր վրայ ելան, Այն ատեն ողջ ողջ պիտի կլլէին մեզ, Երբ անոնց բարկութիւնը մեր վրայ բորբոքած էր։ Այն ատեն ջուրերը մեզ պիտի ընկղմէին, Հեղեղը մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէր. Այն ատեն փրփրած ջուրերը Մեր անձերուն վրայէն պիտի անցնէին։ Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, Որ մեզ անոնց ակռաներուն որս չտուաւ։ Մեր անձերը ճնճղուկի պէս որսորդներուն որոգայթէն ազատեցան. Որոգայթը կոտրուեցաւ ու մենք ազատեցանք։ Մեր օգնութիւնը Տէրոջը անունովն է, Որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։ Տէրոջը յուսացողները Սիօն լերանը պէս են, Որ չսասանիր, հապա յաւիտեան կը մնայ։ Ինչպէս Երուսաղէմ լեռներով շրջապատուած է, Նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Վասն զի ամբարշտին գաւազանը արդարներուն վիճակին վրայ պիտի չմնայ, Որպէս զի արդարները ձեռքերնին անօրէնութեան չերկնցնեն։ Ո՛վ Տէր, բարիք ըրէ բարիներուն Ու սրտով ուղիղներուն։ Սակայն զանոնք որ իրենց ծուռ ճամբաներուն մէջ կը մոլորին, Տէրը պիտի կորսնցնէ անօրէնութիւն ընողներուն հետ։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։ Երբ Տէրը Սիօնին գերութիւնը դարձուց, Երազ տեսնողներու՝ ՝ պէս եղանք։ Այն ժամանակ մեր բերանը խնդութիւնով լեցուեցաւ Ու մեր լեզուն՝ ցնծութիւնով։ Այն ժամանակ հեթանոսներուն մէջ ըսին. «Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ»։ Տէրը մեզի համար մեծ բաներ ըրաւ Ու մենք ուրախացանք։ Ո՛վ Տէր, դարձուր մեր գերութիւնը Հարաւի առուներուն պէս։ Անոնք որ արցունքով կը ցանեն, Ցնծութիւնով պիտի հնձեն։ Ան որ լալով կ’երթայ, Ցանելու սերմը տանելով, Անշուշտ ցնծութեամբ ետ պիտի դառնայ, Իր ցորենի խուրձերը բերելով։ Եթէ Տէրը չշինէ տունը, Զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները։ Եթէ Տէրը չպահպանէ քաղաքը, Զուր տեղ կը հսկեն պահապանները։ Պարապ բան է ձեզի համար կանուխ ելնելը եւ ուշ հանգչիլը Ու ցաւով հաց ուտելը։ Արդարեւ անիկա իր սիրելիին քուն կու տայ։ Ահա տղաքը Տէրոջը ժառանգութիւնն են. Որովայնի պտուղը անոր պարգեւն է։ Ինչպէս են նետերը զօրաւորին ձեռքին մէջ, Այնպէս են երիտասարդներուն տղաքը։ Երանի՜ այն մարդուն, Որ իր կապարճը անոնցմով լեցուց։ Երբ դրանը մէջ թշնամիներուն հետ խօսելու ըլլան, Պիտի չամչնան։ Երանի՜ այն ամենուն՝ որոնք Տէրոջմէ կը վախնան Ու անոր ճամբաներուն մէջ կը քալեն։ Վասն զի քու ձեռքիդ աշխատութիւնը պիտի ուտես. Երանի՜ է քեզի ու քեզի լաւ պիտի ըլլայ։ Քու կինդ պտղաբեր որթատունկի մը պէս պիտի ըլլայ Քու տունէդ ներս Ու քու որդիներդ ձիթենիի տունկերու պէս պիտի ըլլան Քու սեղանիդ չորս կողմը։ Ահա Տէրոջմէն վախցող մարդը Այսպէ՛ս պիտի օրհնուի։ Տէրը քեզ Սիօնէն օրհնէ Ու Երուսաղէմին բարութիւնը տեսնես Քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ Եւ քու որդիներուդ որդիները տեսնես։ Խաղաղութիւն ըլլայ Իսրայէլի վրայ։ Հիմա Իսրայէլ թող ըսէ. «Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին։ Իմ մանկութենէս ի վեր շատ անգամ զիս նեղեցին, Բայց ինծի չյաղթեցին։ Հերկողները իմ կռնակիս վրայ հերկեցին Ու իրենց ակօսները երկնցուցին»։ Տէրը արդար է. Անիկա ամբարիշտներուն չուանները կտրտեց։ Բոլոր Սիօնը ատողները Պիտի ամչնան ու ետ դառնան. Տանիքին վրայի խոտին պէս պիտի ըլլան, Որ դեռ չփրցուած կը չորնայ։ Հնձողը չի կրնար իր ձեռքը լեցնել անով, Ոչ ալ խուրձ կապողը՝ իր գոգը։ Անցնողները չեն ըսեր. «Տէրոջը օրհնութիւնը ձեր վրայ ըլլայ Ու ձեզ Տէրոջը անունովը կ’օրհնենք»։ Խորունկ տեղերէն քեզի կանչեցի, ո՛վ Տէր։ Ո՛վ Տէր, իմ ձայնս լսէ։ Քու ականջներդ թող մտիկ ընեն իմ աղօթքիս ձայնին։ Ո՛վ Տէր, եթէ անօրէնութիւնները յիշելու ըլլաս, Տէ՛ր, ո՞վ կրնայ կենալ։ Բայց քու քովդ է թողութիւնը, Որպէս զի քեզմէ վախնան։ Ես Տէրոջը կը սպասեմ, իմ անձս կը սպասէ Ու անոր խօսքին կը յուսամ։ Առտուան սպասողներէն, առտուան սպասողներէն աւելի Իմ անձս Տէրոջը կը սպասէ ։ Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ, Վասն զի Տէրոջը քով ողորմութիւն կայ Ու անոր քով շատ փրկութիւն կայ։ Անիկա պիտի փրկէ Իսրայէլը Իր բոլոր անօրէնութիւններէն։ Ո՛վ Տէր, իմ սիրտս չգոռոզացաւ Եւ իմ աչքերս չբարձրացան։ Ես մեծամեծ բաներու մէջ Եւ ինծմէ բարձր բաներու մէջ չքալեցի։ Արդարեւ իմ անձս հանդարտեցուցի ու հանգստացուցի Իր մօրը կաթէն կտրուած տղու մը պէս, Իմ անձս կաթէն կտրուած տղու մը պէս է։ Իսրայէլ թող Տէրոջը յուսայ Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Դաւիթին սիրոյն, ո՛վ Տէր, յիշէ՛ Դաւիթը եւ անոր բոլոր նեղութիւնները, Որ երդում ըրաւ Տէրոջը Եւ ուխտ դրաւ Յակոբին Զօրաւորին, Ըսելով. «Իմ տանս բնակարանը պիտի չմտնեմ Ու իմ փռած անկողինիս վրայ պիտի չելնեմ։ Իմ աչքերուս՝ քուն Եւ արտեւանունքներուս նիրհում պիտի չտամ, Մինչեւ Տէրոջը համար տեղ մը գտնեմ Յակոբին՝ Զօրաւորին համար՝ բնակարան»։ Ահա անոր վրայով լսեցինք Եփրաթայի մէջ Եւ զանիկա գտանք անտառի դաշտերուն մէջ։ «Մտնենք անոր բնակարանները Ու երկրպագութիւն ընենք անոր պատուանդանին քով»։ Քու հանգստութեանդ տեղը ելի՛ր, ո՛վ Տէր, Դուն ու քու զօրութեանդ տապանակը։ Քահանաներդ թող արդարութիւն հագնին Եւ քու սուրբերդ ցնծան։ Քու Դաւիթ ծառայիդ սիրոյն Անդին մի՛ դարձներ քու օծեալիդ երեսը։ Տէրը երդում ըրաւ Դաւիթին ճշմարտութեամբ Ու ետ չի դառնար անկէ. «Քու որովայնիդ պտուղէն մէկը Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստեցնեմ։ Եթէ քու որդիներդ պահեն իմ ուխտս ու վկայութիւններս Որոնք անոնց պիտի սորվեցնեմ, Այն ատեն անոնց որդիներն ալ Քու աթոռիդ վրայ պիտի նստին յաւիտեան»։ Վասն զի Տէրը Սիօնը ընտրեց Եւ զանիկա իրեն բնակութեան համար ուզեց, Ըսելով. «Այս է իմ յաւիտենական հանգստավայրս։ Ասոր մէջ պիտի բնակիմ, վասն զի ասիկա ուզեցի։ Անոր պաշարը առատութեամբ պիտի օրհնեմ Ու անոր աղքատները հացով պիտի կշտացնեմ Եւ անոր քահանաներուն փրկութիւն պիտի հագցնեմ Ու անոր սուրբերը ուրախութեամբ պիտի ցնծան։ Այն տեղը Դաւիթին եղջիւր պիտի բուսցնեմ Ու ճրագ պիտի պատրաստեմ իմ օծեալիս համար։ Անոր թշնամիներուն ամօթ պիտի հագցնեմ, Բայց անոր վրայ իր թագը պիտի ծաղկի։ Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է Որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին։ Այն ազնիւ իւղին պէս է, Որ գլխուն վրայէն մօրուքին վրայ, Ահարոնին մօրուքին վրայ վազեց Ու մինչեւ անոր զգեստներուն ծայրը իջաւ։ Սիօնի լեռներուն վրայ իջած Հերմոնի շաղին պէս է, Վասն զի Տէրը հոն հաստատեց օրհնութիւնը Ու կեանքը մինչեւ յաւիտեան։ Աղէ՜, օրհնեցէ՛ք Տէրը, ով Տէրոջ բոլոր ծառաներ, Որ Տէրոջ տունը կը կենաք գիշերները։ Սուրբ տեղը ձեռքերնիդ վերցուցէ՛ք Ու օրհնեցէ՛ք Տէրը։ Երկինքը ու երկիրը ստեղծող Տէրը Թող օրհնէ քեզ Սիօնէն։ Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրոջը անունը, Օրհնեցէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը ծառաներ, Որ Տէրոջը տունը կը կենաք, Մեր Աստուծոյն տանը սրահներուն մէջ։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը, վասն զի Տէրը բարի է. Սաղմո՛ս ըսէք անոր անուանը, վասն զի քաղցր է։ Վասն զի Տէրը իրեն համար ընտրեց Յակոբը Ու Իսրայէլը՝ իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլալու։ Վասն զի ես իմացայ, թէ Եհովան մեծ է Ու մեր Տէրը՝ բոլոր աստուածներէն։ Տէրը ամէն ինչ որ ուզեց ըրաւ երկնքի ու երկրի մէջ, Ծովերուն ու բոլոր անդունդներուն մէջ։ Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ, Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։ Անիկա Եգիպտոսի անդրանիկները զարկաւ Մարդէն մինչեւ անասուն։ Նշաններ ու հրաշքներ ղրկեց քու մէջդ, ո՛վ Եգիպտոս, Փարաւոնին ու անոր բոլոր ծառաներուն վրայ։ Շատ ազգեր զարկաւ Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննեց։ Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը, Բասանի Ովգ թագաւորը Եւ Քանանի բոլոր թագաւորութիւնները Ու անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուաւ, Իր Իսրայէլ ժողովուրդին ժառանգութիւն։ Ո՛վ Տէր, քու անունդ մինչեւ յաւիտեան պիտի մնայ. Ո՛վ Տէր, քու յիշատակդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։ Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը դատէ Եւ իր ծառաներուն կ’ողորմի։ Հեթանոսներուն կուռքերը արծաթ ու ոսկի են, Մարդու ձեռքի գործեր են։ Բերան ունին, բայց չեն խօսիր. Աչքեր ունին, բայց չեն տեսներ. Ականջներ ունին, բայց չեն լսեր Ու շունչ չկայ անոնց բերնին մէջ։ Անոնց նման կ’ըլլան զանոնք շինողները Ու բոլոր անոնց յուսացողները։ Ո՛վ Իսրայէլի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը, Ո՛վ Ահարոնի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը. Ո՛վ Ղեւիի տուն, օրհնեցէ՛ք Տէրը. Ո՛վ Տէրոջմէն վախցողներ, օրհնեցէ՛ք Տէրը։ Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը Սիօնէն, Որ Երուսաղէմի մէջ կը բնակի։ Ալէլուիա՜։ Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է. Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Գոհացէ՛ք աստուածներուն Աստուծմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Գոհացէ՛ք տէրերուն Տէրոջմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Մինակ մեծ հրաշքներ ընողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է, Երկինքը իմաստութեամբ ստեղծողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Երկիրը ջուրերուն վրայ տարածողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Մեծամեծ լուսաւորներ ստեղծողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Արեգակը՝ որպէս զի ցորեկին իշխէ, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Լուսինը ու աստղերը՝ որպէս զի գիշերին իշխեն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Եգիպտացիներու անդրանիկները՝ ՝ զարնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Ու Իսրայէլը անոնց մէջէն հանողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Հզօր ձեռքով ու տարածուած բազուկով, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Կարմիր ծովը երկուքի բաժնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Ու Իսրայէլը անոր մէջէն անցընողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Եւ Փարաւոնը ու անոր զօրքը Կարմիր ծովուն մէջ ընկղմողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Իր ժողովուրդը անապատին մէջ պտըտցնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Մեծ թագաւորներ զարնողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Ու զօրեղ թագաւորներ սպաննողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Ամօրհացիներու Սեհոն թագաւորը, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Ու Բասանի Ովգ թագաւորը, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Եւ անոնց երկիրը ժառանգութիւն տուողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Իր Իսրայէլ ծառային՝ ժառանգութիւն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Մեր խոնարհութեանը մէջ մեզ յիշողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Ու մեր թշնամիներէն մեզ փրկողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Բոլոր մարմիններուն հաց տուողէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Գոհացէ՛ք երկնքի Աստուծմէն, Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։ Բաբելոնի գետերուն քով՝ Հո՛ն կը նստէինք Ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։ Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայ Կախեցինք մեր քնարները. Վասն զի մեզ գերի ընողները Հոն մեզմէ երգ մը խնդրեցին Ու մեր կողոպտիչները ուրախութիւն, Ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։ Տէրոջը երգը ի՛նչպէս երգենք Օտար երկրի մէջ։ Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, Թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ. Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, Եթէ քեզ չյիշեմ, Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս Աւելի մեծ չհամարեմ։ Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիները Երուսաղէմի օրուանը մէջ, Որոնք կ’ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛ք Մինչեւ անոր հիմը»։ Ո՛վ Բաբելոնի աւերող աղջիկ, Երանի՜ անոր՝ որ քեզի կը հատուցանէ Մեզի ըրած գործերուդ փոխարէնը։ Երանի՜ անոր՝ որ քու զաւակներդ կը բռնէ Ու քարի կը զարնէ։ Քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ իմ բոլոր սրտովս Աստուածներուն առջեւ քեզի սաղմոս պիտի երգեմ։ Երկրպագութիւն պիտի ընեմ դէպի քու սուրբ տաճարդ Եւ քու անուանդ գոհութիւն պիտի մատուցանեմ Քու ողորմութեանդ ու ճշմարտութեանդ համար, Վասն զի քու բոլոր անունէդ վեր մեծցուցիր քու խօսքդ։ Կանչած օրս պատասխան տուիր ինծ, Իմ անձիս մէջ զօրութիւնով զիս ուժովցուցիր։ Ո՛վ Տէր, երկրի բոլոր թագաւորները քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեն, Երբ քու բերնիդ խօսքերը լսեն։ Տէրոջը ճամբաներուն մէջ պիտի երգեն. Վասն զի Տէրոջը փառքը մեծ է։ Թէպէտ Տէրը բարձր է, բայց խոնարհը կը տեսնէ Ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ։ Եթէ նեղութեան մէջ ալ քալեմ, Դուն զիս պիտի կենդանացնես, Իմ թշնամիներուս բարկութեանը դէմ Քու ձեռքդ պիտի երկնցնես Եւ քու աջ ձեռքդ զիս պիտի փրկէ։ Տէրը պիտի գործէ ինծի համար։ Ո՛վ Տէր, քու ողորմութիւնդ յաւիտենական է։ Քու ձեռքիդ գործերը երեսէ մի՛ ձգեր։ Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար։ Դուն գիտես իմ նստիլս ու ելնելս, Իմ խորհուրդս հեռուէն կ’իմանաս։ Իմ շաւիղս ու պառկիլս կը քննես Ու իմ բոլոր ճամբաներս գիտես։ Վասն զի բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, Ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես։ Իմ ետեւէս ու առջեւէս զիս պաշարեցիր Եւ քու ձեռքդ իմ վրաս դրիր։ Այս գիտութիւնը ինծի խիստ զարմանալի է, Բարձր է ու չեմ կրնար հասկնալ զանիկա։ Ո՞ւր երթամ քու Հոգիէդ Եւ քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ։ Եթէ երկինք ելլեմ, դուն հոն ես. Եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա դուն հոն ես. Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ Եւ ծովուն վերջի ծայրերը բնակիմ, Հո՛ն ալ քու ձեռքդ ինծի պիտի առաջնորդէ Ու քու աջ ձեռքդ զիս պիտի բռնէ։ Եթէ ըսեմ. «Իրաւցընէ խաւարը զիս պիտի ծածկէ, Այն ատեն գիշերն ալ լոյս կ’ըլլայ իմ բոլորտիքս»։ Մութն ալ քեզի խաւար չէ, Հապա գիշերը ցորեկի պէս լուսաւոր կ’ըլլայ։ Խաւարը եւ լոյսը միեւնոյն բանն են քու առջեւդ ։ Վասն զի դուն ստեղծեցիր իմ երիկամունքներս Ու իմ մօրս որովայնին մէջ դո՛ւն զիս ծածկեցիր։ Կը գոհանամ քեզմէ, Որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են Ու իմ անձս աղէկ գիտէ։ Իմ գոյութիւնս չծածկուեցաւ քեզմէ, Երբ գաղտուկ տեղը շինուեցայ, Երկրի խորութիւններուն մէջ ճարտարութեամբ կազմուեցայ՝ ՝։ Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան Ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, Որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, Երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար։ Որչա՜փ պատուական են ինծի քու խորհուրդներդ, ո՛վ Աստուած։ Որչա՜փ մեծ է անոնց թիւը։ Եթէ համրեմ զանոնք՝ աւազէն շատ են։ Երբ արթննամ՝ դեռ քեզի հետ եմ։ Իրաւցընէ ամբարիշտը պիտի սպաննես, ո՛վ Աստուած. Ուրեմն ո՛վ արիւնահեղ մարդիկ, հեռացէ՛ք ինծմէ։ Անոնք քեզի դէմ նենգութեամբ կը խօսին Եւ քու թշնամիներդ քու անունդ պարապ տեղ կ’առնեն՝ ՝։ Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր Ու քեզի դէմ ելնողներէն չե՞մ զզուիր։ Զանոնք կատարեալ ատելութեամբ կ’ատեմ Եւ ինծի թշնամի կը համարեմ։ Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. Զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս Եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ Եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ։ Ո՛վ Տէր, չար մարդէն զիս փրկէ՛ Ու բռնաւոր մարդէն զիս պահէ՛, Որոնք սրտերնուն մէջ չար բաներ կը մտածեն Ու ամէն օր կռիւներու համար կը հաւաքուին։ Իրենց լեզուները օձի պէս սրեցին։ Իժի թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ։ (Սէլա։) Ո՛վ Տէր, զիս ամբարշտին ձեռքէն պահէ՛. Զիս բռնաւոր մարդէն պահպանէ՛, Որոնք իմ գնացքներս խափանելու խորհուրդ ըրին։ Ամբարտաւանները ինծի համար գաղտնի որոգայթ ու չուաններ լարեցին, Ուռկան փռեցին իմ ճամբուս վրայ, Վարմեր դրին ինծի համար։ (Սէլա։) Ըսի Տէրոջը. «Դուն ես իմ Աստուածս»։ Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղաչանքիս ձայնը։ Ով Տէր Եհովա, իմ փրկութեանս զօրութիւնը, Դուն իմ գլխուս հովանի եղար պատերազմին օրը։ Ո՛վ Տէր, ամբարշտին ցանկութիւնները մի՛ գոհացներ, Անոր չար խորհուրդը մի՛ յաջողցներ, Որ չըլլայ թէ բարձրանան։ (Սէլա։) Զիս պաշարողները բարձրացուցին իրենց գլուխները եւ Իրենց շրթունքներուն չարախօսութիւնը թող զիրենք ընկճէ։ Վառած ածուխներ թող իյնան անոնց վրայ. Խորունկ ջուրերու մէջ թող ձգէ, որպէս զի բնաւ վեր չելլեն։ Չարախօս մարդը երկրի վրայ պիտի չհաստատուի. Թշուառութիւնը պիտի որսայ բռնաւոր մարդը, Որպէս զի զանիկա կործանէ։ Գիտեմ թէ Տէրը խեղճին դատաստանը պիտի տեսնէ Ու իրաւունք պիտի ընէ աղքատներուն։ Յիրաւի արդարները քու անունդ պիտի գովեն. Ուղիղները քու առջեւդ պիտի բնակին։ Ո՛վ Տէր, քեզի կը կանչեմ, շուտով հասիր ինծի. Ակա՛նջ դիր իմ ձայնիս, երբ քեզի կը կանչեմ։ Թո՛ղ իմ աղօթքս խունկի պէս սեպուի քու առջեւդ Եւ իմ ձեռքերուս վեր վերցուիլը՝ իրիկուան պատարագին պէս ։ Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերնիս Ու իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ։ Մի՛ թողուր որ սիրտս չար բանի ետեւէ խոտորի, Որպէս զի անօրէնութիւն գործող մարդոց հետ գէշ գործեր չընեմ Ու անոնց համադամ կերակուրներէն չուտեմ։ Արդարը թող զիս խրատէ եւ զարնէ ողորմութեամբ, Բայց անօրէնին իւղը թող չօծէ գլուխս, Վասն զի անդադար անոնց չարութիւններուն դէմ պիտի աղօթեմ։ Երբ անոնց դատաւորները ապառաժներու մէջ ձգուին, Այն ատեն իմ խօսքերս պիտի լսեն, վասն զի քաղցր են։ Ինչպէս հերկողը ու ճեղքողը կը ցրուէ երկրի վրայ, Այնպէս անոնց ոսկորները գերեզմանին բերանը ցիրուցան եղան. Սակայն, ո՛վ Տէր Եհովա, իմ աչքերս դէպի քեզ են. Քեզի՛ յուսացի, իմ հոգիս անպաշտպան մի՛ ձգեր։ Ինծի համար լարուած որոգայթէն Ու անօրէնութիւն գործողներուն վարմերէն զիս պահէ։ Ամբարիշտները իրենց ցանցերուն մէջ պիտի իյնան, Մինչ միայն ես անվնաս պիտի անցնիմ։ Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ, Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ։ Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ. Իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։ Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր, Դուն իմ շաւիղս գիտցար։ Իմ քալած ճամբուս մէջ Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։ Աջ կողմս կը նայիմ ու կը տեսնեմ թէ Ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։ Ապաւէնը ինծմէ կորսուեցաւ. Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ։ Ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի Ու ըսի. «Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս Եւ իմ բաժինս կենդանիներու երկրին մէջ։ Ակա՛նջ դիր իմ աղաղակիս, Վասն զի շատ նուաստացայ։ Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս, Վասն զի ինծմէ զօրաւոր են։ Իմ անձս բանտէն հանէ՛, Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ։ Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն, Երբ ինծի բարութիւն ընես»։ Ո՛վ Տէր, լսէ՛ իմ աղօթքս, Ակա՛նջ դիր իմ աղաչանքիս, Պատասխան տուր ինծի քու ճշմարտութիւնովդ Ու քու արդարութիւնովդ։ Քու ծառայիդ հետ դատաստանի մի՛ մտներ, Վասն զի բնաւ կենդանի մը պիտի չարդարանայ քու առջեւդ։ Վասն զի թշնամին իմ անձս հալածեց, Իմ կեանքս գետինը զարկաւ, Զիս շատոնց մեռածներուն պէս Մութը նստեցուց։ Իմ հոգիս ներսիդիս մարեցաւ, Իմ սիրտս ներսիդիս խռովեցաւ։ Նախկին օրերը կը յիշեմ, Քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ, Քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ։ Ձեռքերս դէպի քեզ կ’երկնցնեմ։ Իմ անձս չոր երկրի պէս քեզի կը ծարաւի ։ (Սէլա։) Շուտով պատասխան տուր ինծի, ո՛վ Տէր. Իմ հոգիս մարեցաւ. Քու երեսդ մի՛ ծածկեր ինծմէ, Որպէս զի գուբը իջնողներուն պէս չըլլամ։ Առտուն քու ողորմութիւնդ ինծի լսել տուր, Վասն զի քեզի յուսացի։ Իմ երթալու ճամբաս ինծի ցուցուր, Վասն զի իմ անձս դէպի քեզ վերցուցի։ Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ զիս իմ թշնամիներէս, Վասն զի քեզ իմ ապաւէնս ըրի։ Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ, Քանզի դուն ես իմ Աստուածս. Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ։ Ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար կենդանացո՛ւր զիս, Քու արդարութեանդ համար իմ անձս նեղութենէ հանէ՛. Քու ողորմութիւնովդ սատկեցուր իմ թշնամիներս Ու կորսնցուր բոլոր իմ անձս վշտացնողները, Վասն զի ես քու ծառադ եմ։ Օրհնեա՛լ ըլլայ Տէրը, իմ Վէմս, Որ իմ ձեռքերս մարտնչելու կը վարժեցնէ Ու իմ մատներս՝ պատերազմելու։ Անիկա է իմ ողորմութիւնս ու պարիսպս, Իմ ապաւէնս ու փրկիչս, Իմ վահանս, ուստի ես անոր կը յուսամ, Որ իմ ժողովուրդս ինծի կը հնազանդեցնէ։ Ո՛վ Տէր, մարդը ի՞նչ է որ զանիկա կը ճանչնաս Ու մարդու որդին, որ զանիկա կը յարգես։ Մարդը ունայնութեան պէս է Անոր օրերը անցնող շուքի պէս են։ Ո՛վ Տէր, խոնարհեցո՛ւր քու երկինքդ ու վա՛ր իջիր, Լեռներուն դպչէ ու պիտի մխան։ Փայլակը նետէ ու ցրուէ զանոնք, Քու նետերդ ղրկէ ու զանոնք խռովեցուր։ Քու ձեռքդ վերէն ղրկէ եւ ազատէ՛ զիս. Փրկէ՛ զիս շատ ջուրերէն ու օտարներուն ձեռքէն, Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։ Ո՛վ Աստուած, քեզի նոր երգ պիտի երգեմ, Տասը լար ունեցող տաւիղով սաղմոս պիտի ըսեմ քեզի։ Թագաւորներուն փրկութիւն տուողը Ու իր Դաւիթ ծառան չար սուրէն ազատողը ա՛ն է։ Զիս ազատէ ու օտարներուն ձեռքէն փրկէ՛, Որոնց բերանը ունայնութիւն կը խօսի Եւ անոնց աջ ձեռքը ստութեան աջ ձեռքն է։ Որպէս զի մեր որդիները իրենց երիտասարդութեանը մէջ տունկերու պէս մեծնան Ու մեր աղջիկները պալատի շէնքին համար փորագրուած անկիւնի քարերու պէս ըլլան։ Որպէս զի մեր ամբարները լեցուին Եւ տեսակ տեսակ կերակուրներ բղխեցնեն Ու մեր ոչխարները հազարաւոր եւ բիւրաւոր ծնանին մեր արտերուն մէջ։ Որպէս զի մեր արջառները բազմածին ըլլան Ու ամենեւին դժբաղդութեան եւ աւերումի վիժում չըլլայ, Ոչ ալ աղաղակ՝ մեր հրապարակներուն մէջ։ Երանի՜ այսպիսի վիճակի մէջ եղող ժողովուրդին. Երանի՜ այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է։ Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես Ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։ Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ Եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։ Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը Ու անոր մեծութիւնը անքննելի է։ Մէկ սերունդը միւսին պիտի գովէ քու գործերդ Եւ քու զօրութիւններդ պիտի պատմէ։ Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը Ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։ Եւ քու ահաւոր գործերուդ վրայ պիտի խօսին Ու ես քու մեծութիւնդ պիտի պատմեմ։ Քու մեծ բարերարութեանդ յիշատակը պիտի հրատարակեն Եւ քու արդարութիւնովդ պիտի ցնծան։ Ողորմած ու գթած է Տէրը, Երկայնամիտ ու բազումողորմ է։ Տէրը ամենուն բարի է Ու անոր ողորմութիւնները իր բոլոր գործերուն վրայ են։ Ո՛վ Տէր, քու բոլոր գործերդ քեզ պիտի գովեն Եւ քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։ Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն Ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն. Որպէս զի անոր զօրաւոր գործերը ու անոր թագաւորական փառաւոր մեծութիւնը Մարդոց որդիներուն գիտցնեն։ Քու թագաւորութիւնդ յաւիտենական թագաւորութիւն է Ու քու տէրութիւնդ՝ ազգէ մինչեւ ազգ։ Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները Եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ։ Ամենուն աչքերը քեզի կը սպասեն Ու ժամանակին անոնց կերակուրը դուն իրենց կու տաս։ Քու ձեռքդ կը բանաս Ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես։ Տէրը արդար է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ Ու ողորմած է իր բոլոր գործերուն մէջ։ Տէրը մօտ է այն ամենուն որ զինք կը կանչեն, Այն ամենուն՝ որ ճշմարտութեամբ զինք կը կանչեն։ Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ Եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք։ Տէրը բոլոր զինք սիրողները կը պահէ, Սակայն բոլոր ամբարիշտները կը կորսնցնէ։ Իմ բերանս Տէրոջը գովութիւնը պիտի պատմէ Ու ամէն մարմին անոր սուրբ անունը պիտի օրհնէ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ալէլուիա՜։ Օրհնէ՛ Տէրը, ո՛վ իմ անձս։ Տէրը պիտի օրհնեմ իմ կեանքիս մէջ։ Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ։ Մի՛ յուսաք իշխաններուն, Մարդու որդիին՝ որուն քով փրկութիւն չկայ։ Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին։ Երանի՜ անոր՝ որուն օգնականը Յակոբին Աստուածն է Ու անոր յոյսը իր Տէր Աստուծոյն վրայ է, Որ երկինքը ու երկիրը, Ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեց։ Ճշմարտութիւնը կը պահէ յաւիտեան, Իրաւունք կ’ընէ զրկուածներուն Ու հաց կու տայ անօթիներուն։ Տէրը կ’արձակէ կապուածները, Տէրը կը բանայ կոյրերուն աչքերը, Տէրը կը կանգնեցնէ վար ծռածները, Տէրը կը սիրէ արդարները, Տէրը կը պահէ պանդուխտները, Կը հաստատէ որբն ու որբեւարին, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան կը ծռէ։ Տէրը պիտի թագաւորէ յաւիտեան, Քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն, ազգէ մինչեւ ազգ։ Ալէլուիա՜։ Գովեցէք Տէրը, վասն զի բարի է մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսելը, Վասն զի քաղցր ու վայելուչ է օրհնութիւնը։ Տէրը կը շինէ Երուսաղէմը, Իսրայէլի ցրուածները կը հաւաքէ, Սրտով կոտրածները կը բժշկէ Ու անոնց խոցերը կը փաթթէ։ Աստղերուն թիւը կը համրէ, Անոնց ամէնքն ալ իրենց անուններովը կը կանչէ։ Մեծ է մեր Տէրը ու իր զօրութիւնը շատ է. Անոր իմաստութիւնը անհուն է։ Տէրը կը հաստատէ խեղճերը Ու ամբարիշտները մինչեւ հողը կը խոնարհեցնէ։ Երգեցէ՛ք Տէրոջը գոհութիւնով, Մեր Աստուծոյն սաղմոս ըսէք քնարով, Որ երկինքը ամպերով կը ծածկէ, Անձրեւ կը պատրաստէ երկրի համար, Խոտ կը բուսցնէ լեռներուն վրայ, Որ անասուններուն իրենց կերակուրը կու տայ Ու ագռաւին ձագերուն՝ որոնք կ’աղաղակեն։ Անիկա ձիուն զօրութեանը չի հաճիր, Մարդուն սրունքները չի հաւնիր։ Տէրը կը հաւնի իրմէ վախցողները Ու իր ողորմութեանը յուսացողները։ Ո՛վ Երուսաղէմ, գովէ՛ Տէրը. Օրհնէ՛ քու Աստուածդ, ո՛վ Սիօն։ Վասն զի անիկա քու դռներուդ նիգերը ամրացուց Եւ քու որդիներդ քու մէջդ օրհնեց։ Անիկա քու սահմաններուդ խաղաղութիւն կու տայ Ու պարարտ ցորենով քեզ կը կշտացնէ։ Անիկա իր պատուէրը երկրին կը ղրկէ. Իր խօսքը արագութեամբ կը վազէ։ Անիկա բուրդի պէս ձիւն կու տայ Ու եղեամը մոխիրի պէս կը ցանէ։ Իր սառը պատառներու պէս կը նետէ. Անոր ցուրտին դէմ ո՞վ կրնայ կենալ։ Անիկա իր խօսքը կը ղրկէ ու կը հալեցնէ զանոնք։ Իր հովը կը փչէ ու ջուրեր կը վազեն։ Անիկա իր խօսքը կը պատմէ Յակոբին Եւ իր կանոնները ու դատաստանները՝ Իսրայէլին։ Բնաւ ազգի մը այսպէս չըրաւ, Բայց անոնք անոր դատաստանները չճանչցան։ Ալէլուիա՜՜, Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկնքէն. Օրհնեցէ՛ք զանիկա բարձր տեղերուն մէջ։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր հրեշտակներ, Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ անոր բոլոր զօրքեր։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ արեգակ ու լուսին. Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր փայլուն աստղեր։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ երկինք. Ու երկնքէն վեր եղող ջուրերը Թող Տէրոջը անունը օրհնեն. Վասն զի ինք հրամայեց ու անոնք ստեղծուեցան։ Զանոնք յաւիտեանս յաւիտենից հաստատեց, Կանոն դրաւ որը չի խափանուիր։ Օրհնեցէ՛ք Տէրը երկրէն, Ո՛վ վիշապներ ու բոլոր անդունդներ։ Կրակ եւ կարկուտ, ձիւն ու շոգի Եւ անոր խօսքը կատարող մրրկալից հով, Լեռներ ու բոլոր բլուրներ, Պտղատու ծառեր ու եղեւիններ, Գազաններ ու բոլոր անասուններ, Սողացողներ ու թեւաւոր թռչուններ, Երկրի թագաւորներ եւ բոլոր ազգեր, Իշխաններ ու երկրի բոլոր դատաւորներ, Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ, Ծերեր ու տղաքներ։ Բոլորը թող Տէրոջը անունը օրհնեն, Վասն զի միայն անոր անունը բարձր է, Անոր փառքը երկրէն ու երկնքէն վեր է։ Անիկա բարձրացուց իր ժողովուրդին եղջիւրը, Իր բոլոր սուրբերուն, Իրեն մօտ եղող ժողովուրդին, Իսրայէլի որդիներուն օրհնութիւնը։ Ալէլուիա՜։ Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք Ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։ Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ. Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ։ Թող անոր անունը պարով օրհնեն, Թմբուկով եւ քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր։ Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի, Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ։ Թող սուրբերը ուրախանան փառքով Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան։ Աստուծոյ գովութիւնները անոնց բերնին մէջ թող ըլլան Ու երկսայրի սուր՝ անոնց ձեռքին մէջ, Որպէս զի հեթանոսներէն վրէժ առնեն Ու ժողովուրդները պատժեն, Որպէս զի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն Ու անոնց ազնուականները՝ երկաթէ կապանքներով, Որպէս զի գրուած դատաստանը անոնց վրայ կատարեն։ Այս անոր բոլոր սուրբերուն փառքն է։ Ալէլուիա՜։ Ալէլուիա՜։ Օրհնեցէ՛ք Աստուած իր սրբարանին մէջ. Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրութեանը հաստատութեանը մէջ։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր զօրաւոր գործերուն համար, Օրհնեցէ՛ք զանիկա իր մեծափառութեանը համեմատ։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա փողի ձայնով, Օրհնեցէ՛ք զանիկա տաւիղով ու քնարով։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա թմբուկով ու պարով, Օրհնեցէ՛ք զանիկա լար ունեցող նուագարաններով ու սրինգով։ Օրհնեցէ՛ք զանիկա մեծաձայն ծնծղաներով, Օրհնեցէ՛ք զանիկա ցնծութեան ծնծղաներով։ Ամէն շունչ ունեցող թող Տէրը օրհնէ։ Ալէլուիա՜։ Իսրայէլի թագաւորին Դաւիթին որդիին Սողոմոնին առակները.- Իմաստութիւնն ու խրատը գիտնալու համար, Հանճարին խօսքերը հասկնալու համար, Իմաստութեան կրկնութիւնը ընդունելու համար, Այսինքն՝ արդարութիւնը, դատաստանը եւ ուղղութիւնը՝ Միամիտներուն սրամտութիւն տալու համար Ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար։ Իմաստունը թող լսէ ու իր իմաստութիւնը աւելցնէ Ու հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն ստանայ։ Առակն ու նմանութիւնը հասկնալու համար, Նաեւ իմաստուններուն խօսքերը ու անոնց խրթնաբանութիւնները։ Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է, Բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ’անարգեն։ Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ Ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր. Քանզի անոնք քու գլխուդ՝ շնորհաց պսակ Եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան։ Որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզ գլխէ հանել ուզեն, Դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար։ Եթէ ըսեն. «Մեզի հետ եկո՛ւր, Արեան համար դարանամուտ ըլլա՛նք, Անմեղ մարդուն համար առանց պատճառի ծածուկ տեղ սպասենք, Գերեզմանի պէս զանոնք ողջ ողջ Գուբը իջնողներուն նման կլլենք. Ամէն տեսակ պատուական ստացուածք գտնենք Ու մեր տուները աւարով լեցնենք, Քու վիճակդ մեր մէջ ձգէ, Ամէնքս մէկ քսակ ունենանք»։ Որդեա՛կ իմ, անոնց հետ ճամբայ մի՛ երթար, Անոնց շաւիղէն քու ոտքերդ հեռո՛ւ պահէ. Քանզի անոնց ոտքերը դէպի չարութիւն կը վազեն Եւ արիւն թափելու կ’արտորան։ Արդարեւ ոեւէ թռչունի աչքերուն առջեւ Պարապ տեղ վարմեր կը լարուին. Բայց անոնք իրենց արեանը համար դարան կը մտնեն Ու իրենց կեանքին համար ծածուկ տեղ կը սպասեն։ Ամէն ագահի ճամբաները այսպէս են։ Ագահութիւնը իրեն անձնատուր եղողները կը մեռցնէ։ Իմաստութիւնը դուրսը բարձրաձայն կ’աղաղակէ Ու հրապարակներու մէջ իր ձայնը կու տայ։ Անիկա բազմութիւն եղած տեղերուն գլուխը Եւ դռներուն մուտքերուն մէջ կ’աղաղակէ Ու քաղաքին մէջ իր խօսքերը կ’ըսէ. «Ո՛վ անմիտներ, մինչեւ ե՞րբ անմտութիւնը պիտի սիրէք, Մինչեւ ե՞րբ ծաղր ընողները ծաղր ընելով պիտի զուարճանան Ու յիմարները գիտութիւնը պիտի ատեն։ Իմ յանդիմանութեանս դարձէ՛ք։ Ահա իմ Հոգիս ձեր վրայ պիտի թափեմ, Իմ խօսքերս ձեզի պիտի հասկցնեմ։ Որովհետեւ ես կանչեցի ու դուք չուզեցիք լսել. Ձեռքս երկնցուցի ու մտիկ ընող չեղաւ։ Հապա իմ բոլոր խրատներս մերժեցիք Եւ իմ յանդիմանութիւնս չուզեցիք։ Ես ալ ձեր թշուառութեանը վրայ պիտի ծիծաղիմ Ու ձեր վախը հասնելուն՝ ծաղր պիտի ընեմ։ Երբ ձեր վախը հեղեղի պէս հասնի, Ձեր թշուառութիւնը մրրիկի պէս պատահի Եւ ձեր վրայ նեղութիւն ու տառապանք գայ, Այն ատեն ինծի պիտի աղաղակեն ու պատասխան պիտի չտամ. Զիս պիտի փնտռեն ու պիտի չկրնան գտնել. Որովհետեւ գիտութիւնը ատեցին Ու Տէրոջը վախը չընտրեցին։ Իմ խրատներս չուզեցին Ու բոլոր յանդիմանութիւնս անարգեցին, Ուրեմն անոնք իրենց ճամբուն պտուղէն պիտի ուտեն Ու իրենց խորհուրդներով պիտի կշտանան։ Վասն զի անմիտներուն խոտորիլը զիրենք պիտի մեռցնէ Եւ յիմարներուն անհոգութիւնը զիրենք պիտի կորսնցնէ։ Բայց ինծի մտիկ ընողը ապահովութեամբ պիտի բնակի Ու չարիքներու վախէն հանդարտ պիտի ըլլայ»։ Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս Ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս Ու սիրտդ հանճարին բանաս, Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչես Եւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես, Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռես Ու ծածուկ գանձերու պէս խնդրես, Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս Եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։ Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ, Գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են։ Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն կը պահէ. Անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է, Որպէս զի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէ Ու իր սուրբերուն ճամբան պահէ։ Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւ Ամէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս։ Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէ Եւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ, Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէ Ու հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ։ Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն, Նենգութիւններ խօսող մարդէն Եւ անոնցմէ ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են, Որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն։ Չարութիւն ընելով կ’ուրախանան Եւ չարին նենգութիւններովը կը ցնծան։ Անոնց ճամբաները ծուռ են Ու անոնց ընթացքը խոտորնակ է։ Որպէս զի քեզ ազատէ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութիւն խօսող օտար կնոջմէն։ Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողու Եւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ, Անոր տունը մահուան պիտի տանի Ու անոր շաւիղները՝ մեռելներուն։ Անոր գացողները բնաւ չեն դառնար Եւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր։ Բայց դուն բարի մարդոց ճամբան պիտի երթաս Ու արդարներուն շաւիղները պիտի պահես։ Քանզի ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակին Եւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։ Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին Ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին։ Որդեա՛կ իմ, մի՛ մոռնար իմ օրէնքս, Հապա քու սիրտդ թող իմ պատուիրանքներս պահէ. Վասն զի քեզի երկայն օրեր ու կենդանութեան տարիներ Եւ յաջողութիւն պիտի աւելցնեն։ Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թող քեզ չթողուն. Զանոնք քու պարանոցիդ վրայ կապէ, Քու սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛ զանոնք։ Այն ատեն Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ Շնորհք ու բարի համարում պիտի գտնես։ Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ Եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր Ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ։ Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար, Տէրոջմէ վախցի՛ր ու չարութենէ ե՛տ քաշուէ։ Ասիկա քու ջիղերուդ առողջութիւն Եւ քու ոսկորներուդ պարարտութիւն պիտի ըլլայ։ Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով Եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին Ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի։ Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր Ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, Ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ ։ Երանի՜ այն մարդուն, որ իմաստութիւն կը գտնէ Ու այն մարդուն, որ հանճար կը ստանայ. Վասն զի անոր շահը արծաթի շահէն աղէկ է Ու անոր արդիւնքը՝ զուտ ոսկիէն։ Անիկա գոհարներէն պատուական է Եւ քու բոլոր ցանկալի բաներդ չեն կրնար անոր հաւասարիլ։ Անոր աջ ձեռքին մէջ՝ օրերու երկայնութիւն Եւ ձախ ձեռքին մէջ հարստութիւն ու փառք կայ։ Անոր ճամբաները հաճոյական ճամբաներ են Եւ անոր բոլոր շաւիղները խաղաղութիւն են։ Անիկա իրեն յարողներուն կենաց ծառ է Ու զինք բռնողները երջանիկ կ’ըլլան։ Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը Եւ հանճարով հաստատեց երկինքը։ Անոր գիտութիւնովը անդունդները կը պատռին Ու ամպերը ցօղ կը կաթեցնեն։ Որդեա՛կ իմ, ասոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չերթան, Իմաստութիւնն ու խոհեմութիւնը քովդ պահէ Եւ քու հոգիիդ՝ կեանք Ու քու պարանոցիդ զարդ թող ըլլան։ Այն ատեն ճամբադ ապահովութեամբ պիտի քալես Եւ քու ոտքդ պիտի չսահի։ Եթէ պառկիս՝ պիտի չվախնաս Ու եթէ քնանաս՝ քունդ անոյշ պիտի ըլլայ։ Պիտի չվախնաս յանկարծահաս վախէն, Ո՛չ ալ ամբարիշտներուն կորուստէն, երբ գայ, Վասն զի քու յոյսդ Տէրը պիտի ըլլայ Եւ քու ոտքդ պիտի պահէ, որպէս զի չբռնուի։ Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, Կարօտ եղողէն՝ ՝ մի՛ խնայեր զանիկա։ Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ «Գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր Եւ վաղը կու տամ», երբ քու քովդ կայ։ Քու դրացիիդ դէմ չարութիւն մի՛ մտածեր, Քանի որ անիկա վստահութեամբ քեզի հետ կը բնակի։ Առանց պատճառի մարդու հետ մի՛ վիճիր, Երբ անիկա քեզի չարութիւն մը ըրած չէ։ Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր Ու անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր, Վասն զի ծուռ մարդը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է։ Ամբարիշտ մարդուն տանը մէջ Տէրոջը անէծքը կայ, Բայց Անիկա կ’օրհնէ արդարներուն բնակարանը։ Յիրաւի Անիկա ծաղր ընողները ծաղր կ’ընէ, Բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։ Իմաստունները փառք պիտի ժառանգեն, Բայց յիմարներուն բարձրանալը անարգանք պիտի ըլլայ։ Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք Ու մտի՛կ ըրէք, որպէս զի իմաստութիւնը ճանչնաք։ Վասն զի ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ, Իմ օրէնքս մի՛ թողուք։ Քանզի ես իմ հօրս տղան էի, Փափուկ ու սիրելի՝ իմ մօրս առջեւ։ Անիկա ինծի կը սորվեցնէր ու կ’ըսէր. «Քու սիրտդ իմ խօսքերս թող բռնէ, Իմ պատուիրանքներս պահէ ու ապրի։ Իմաստութիւն ստացիր, խոհեմութիւն ստացիր, Մի՛ մոռնար ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիր։ Զանիկա մի՛ թողուր ու անիկա քեզ պիտի պահէ։ Զանիկա սիրէ ու անիկա քեզ պիտի պաշտպանէ։ Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր։ Ու բոլոր ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր։ Զանիկա մեծարէ՛ ու անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ։ Եթէ զանիկա գրկես, քեզ պիտի պատուէ։ Անիկա քու գլխուդ շնորհներու զարդ պիտի տայ. Քեզի փառքի պսակ պիտի պարգեւէ»։ Մտի՛կ ըրէ, որդեա՛կ իմ ու իմ խօսքերս ընդունէ Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի շատնան։ Քեզի իմաստութեան ճամբուն մէջ քալել սորվեցուցի. Քեզ ուղղութեան շաւիղներուն մէջ պտըտցուցի, Որպէս զի քալելու ատենդ ոտքիդ քայլերը չգայթին Ու վազելու ատենդ չսահիս։ Ամուր բռնէ խրատը ու բնաւ մի՛ թողուր. Զանիկա պահէ՛, վասն զի քու կեանքդ անիկա է։ Ամբարիշտներուն ճամբան մի՛ երթար Ու չարերուն ճամբուն մէջ մի՛ քալեր։ Անկէ զգուշացի՛ր, անոր քովէն մի՛ անցնիր, Անկէ խոտորէ՛ ու անցի՛ր։ Վասն զի անոնք մինչեւ որ չարութիւն չընեն՝ չեն քնանար Ու եթէ մէկը չկործանեն՝ քուներնին կը փախչի։ Քանզի անոնք ամբարշտութեան հացը կ’ուտեն Ու անիրաւութեան գինին կը խմեն։ Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, Որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ։ Ամբարիշտներուն ճամբան խաւարի պէս է Ու չեն գիտեր թէ՝ ի՞նչ բան իրենց ոտքը պիտի սահեցնէ։ Որդեա՛կ իմ, մտիկ ըրէ իմ խօսքերուս, Քու ականջներդ իմ խօսքերուս տուր։ Անոնք քու աչքերուդ առջեւէն թող չհեռանան, Զանոնք քու սրտիդ մէջ պահէ, Վասն զի անոնք կեանք են զանոնք գտնողներուն Եւ անոնց մարմնին՝ բժշկութիւն։ Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, Քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են։ Ծուռ բերանը քեզմէ մէկդի՛ ըրէ Ու անիրաւ շրթունքները քեզմէ հեռացո՛ւր։ Քու աչքերդ ուղիղ թող նային Ու արտեւանունքներդ շիտակ դէպի առջեւդ թող ըլլան։ Ոտքերուդ շաւիղները շտկէ՛ Եւ քու բոլոր ճամբաներդ պիտի հաստատուին։ Աջ կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր, Ոտքդ չարութենէ դարձո՛ւր։ Որդեա՛կ իմ, մտի՛կ ըրէ իմաստութեանս Եւ քու ականջդ իմ հանճարիս տո՛ւր, Որպէս զի խոհեմութեամբ վարուիս Եւ շրթներդ ցուցնեն քու իմաստութիւնդ։ Վասն զի օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթի Ու անոր քիմքը իւղէն կակուղ է. Բայց անոր վախճանը՝ օշինդրի պէս դառն Ու երկսայրի թուրի պէս հատու է։ Անոր ոտքերը մահուան կը տանին Ու անոր քայլերը դժոխք կը հասնին։ Ան կեանքի ճամբէն ուղիղ չերթար, Իր քայլերը փոփոխական են ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ, Որ չըլլայ թէ կեանքի ճամբուն վրայ մտածես։ Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք Ու իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիք։ Այս կնոջմէն ճամբադ հեռացուր Ու անոր տանը դրանը մի՛ մօտենար. Չըլլայ որ քու փառքդ՝ ուրիշներու Եւ տարիներդ անողորմ մարդու տաս։ Չըլլայ որ օտարները քու զօրութենէդ կշտանան Ու քու վաստակդ օտարներուն տունը մտնէ Եւ քու վերջին ատենդ հառաչես, Երբ քու մարմինդ ու անդամներդ մաշին Ու ըսես՝ «Ես ի՜նչպէս խրատը ատեցի Ու իմ սիրտս յանդիմանութիւնը անարգեց Եւ իմ ուսուցիչներուս խօսքին մտիկ չըրի Ու իմ ականջս դաստիարակողներուն չտուի, Ժողովրդային հաւաքոյթի մէջ Ծայր աստիճան թշուառութեան հանդիպեցայ»։ Դուն քու ջրամբարէդ ջուր խմէ Եւ քու ջրհորիդ մէջ վազող ջուրէն։ Քու աղբիւրներդ դուրսը թող տարածուին, Ինչպէս ջուրերու վտակները՝ հրապարակներուն մէջ։ Անոնք միայն քուկդ թող ըլլան, Ու ո՛չ թէ՝ քուկդ եւ օտարներուն։ Քու աղբիւրդ օրհնեալ ըլլայ Եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։ Անիկա քեզի սիրելի եղնիկի պէս Եւ շնորհալի այծեամի պէս թող ըլլայ։ Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող կշտացնեն Ու միշտ անոր սիրովը զմայլէ։ Եւ ինչո՞ւ, որդեա՛կ իմ, դուն օտար կնոջ մը սիրովը զմայլիս Ու օտար կնոջ կուրծքը գրկես։ Վասն զի մարդուն ճամբաները Տէրոջը աչքերուն առջեւն են Ու անոր բոլոր քայլերուն ինք կը հսկէ։ Չարագործը իր անօրէնութիւններովը պիտի բռնուի Ու անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի։ Անիկա խրատի պակասէն կը մեռնի Ու իր մեծ յիմարութիւնովը կը կորսուի։ Որդեա՛կ իմ, եթէ քու բարեկամիդ համար երաշխաւոր եղար, Կամ օտար մարդու համար գրաւ դրիր, Քու բերնիդ խօսքերովը որոգայթը ինկար, Բերնիդ խօսքերովը բռնուեցար։ Որդեա՛կ իմ, պատուէրս կատարէ, որպէս զի ազատիս։ Քանի որ դուն քու բարեկամիդ ձեռքը ինկար, Գնա քու բարեկամիդ խոնարհէ Ու թախանձէ անոր։ Աչքերուդ՝ քուն Ու արտեւանունքներուդ մրափ մի՛ տար. Ազատէ՛ քեզ, ինչպէս այծեամը որսորդին ձեռքէն, Կամ թռչունը թռչնորսին ծուղակէն կ’ազատի ։ Ո՛վ ծոյլ, մրջիւնին գնա, Անոր ճամբաները տես ու իմաստուն եղիր։ Վասն զի անիկա թէեւ իշխան, Ոստիկան կամ տիրող չունի, Բայց իր կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստէ, Իր ուտելիքը հունձքի ատեն կը հաւաքէ։ Ո՛վ ծոյլ, մինչեւ ե՞րբ պիտի պառկիս, Քունէդ ե՞րբ պիտի արթննաս։ Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես հանգչելու համար, Այն ատեն քու աղքատութիւնդ ճամբորդի մը պէս պիտի գայ Ու կարօտութիւնդ սպառազինեալ մարդու պէս։ Անօրէն ու չար մարդը Ծուռ բերնով կը շարժի. Անիկա իր աչքերովը ակնարկութիւն կ’ընէ, Ոտքերովը կը խօսի Ու մատներովը բան կը սորվեցնէ։ Անոր սրտին մէջ ծռութիւն կայ, Միշտ չարութիւն կը հնարէ ու կռիւներ կը հանէ։ Ասոր համար անոր կորուստը յանկարծ պիտի գայ։ Անիկա յանկարծ պիտի կոտրուի ու անոր դարման պիտի չգտնուի։ Տէրը վեց բանէ կը զզուի Ու անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։ Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, Անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, Չար խորհուրդ հնարող սիրտ, Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, Ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ ։ Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ Եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր։ Զանոնք միշտ քու սրտիդ վրայ կապէ՛, Զանոնք քու պարանոցէդ կախէ՛։ Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն. Քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն Ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին։ Քանզի պատուիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է։ Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են, Որպէս զի քեզ գէշ կնոջմէն, Օտար կնոջ շողոքորթող լեզուէն պահեն։ Սրտիդ մէջ անոր գեղեցկութեանը մի՛ ցանկար Եւ թող քեզ իր արտեւանունքներովը չբռնէ։ Վասն զի պոռնիկ կնոջ պատճառով Մարդ նոյնիսկ պատառ մը հացի կարօտ կ’ըլլայ Եւ շնացող առնակինը պատուական հոգին կ’որսայ։ Հնա՞ր է որ մէկը իր ծոցը կրակ դնէ Ու հանդերձները չայրին։ Հնա՞ր է որ մէկը կրակի կայծերու վրայ քալէ Ու անոր ոտքերը չայրին։ Ասոր պէս է իր դրացիին կնոջը քով գացողն ալ։ Ո՛վ որ անոր դպչի՝ անմեղ չըլլար։ Գողը եթէ անօթութեան համար ու իր փորը կշտացնելու համար գողութիւն ընէ, Չեն քամահրեր զանիկա ։ Սակայն եթէ բռնուի, եօթնապատիկ պիտի հատուցանէ, Իր տանը բոլոր ինչքը պիտի տայ։ Կնոջ հետ շնութիւն ընողին խելքը պակաս է։ Այս բանը ընողը իր հոգին կը կորսնցնէ։ Անիկա վէրք ու անարգանք կը գտնէ Եւ անոր նախատինքը անջնջելի է։ Քանզի նախանձը էրիկը կը կատղեցնէ Ու անիկա վրէժխնդրութեան օրը չի խնայեր։ Անիկա բնաւ մէկ փրկանքի չի նայիր, Կաշառքը շատցնելու ալ ըլլաս՝ անիկա չի հաճիր։ Որդեա՛կ իմ, պահէ՛ իմ խօսքերս Ու իմ պատուիրանքներս քու քովդ ծածկէ։ Իմ պատուիրանքներս պահէ որպէս զի ապրիս Ու իմ օրէնքիս քու աչքերուդ բիբին պէս նայէ՛ ։ Զանոնք մատերուդ վրայ կապէ, Զանոնք սրտիդ տախտակին վրայ գրէ՛։ Իմաստութեան ըսէ. «Դուն իմ քոյրս ես» Ու հանճարը «Բարեկամ» կոչէ, Որպէս զի քեզ օտար կնոջմէն, Շողոքորթութեամբ խօսող օտար կնոջմէն, պահեն։ Վասն զի իմ տանս պատուհանէն, Իմ վանդակէս նայեցայ Եւ անմիտներուն մէջ տեսայ ու Երիտասարդներուն մէջ պակասամիտ պատանի մը գտայ, Որ փողոցին մէջ այն կնոջ տանը անկիւնին քովէն կ’անցնէր Ու անոր տանը ճամբան բռնեց։ Երբ իրիկուն եղաւ, օրը տարաժամեցաւ Ու գիշերուան մութը տիրեց։ Ահա անոր առջեւ կին մը ելաւ, Անիկա պոռնիկի կերպարանք ու նենգաւոր սիրտ մը ունէր։ Անիկա աղաղակող ու անզգամ էր Ու անոր ոտքերը իր տանը մէջ չէին կենար, Երբեմն՝ դուրսը, երբեմն՝ հրապարակները Եւ ամէն անկիւնի քով դարանամուտ կ’ըլլար։ Զանիկա բռնեց, համբուրեց Ու լիրբ երեսով անոր ըսաւ. «Իմ քովս խաղաղութեան զոհեր կան, Ես այսօր իմ ուխտերս կատարեցի։ Անոր համար ելայ քեզ դիմաւորելու, Քու երեսդ փնտռելու ու քեզ գտայ։ Իմ անկողինս ծածկոցներով զարդարեր եմ, Եգիպտոսի ծաղկանկար բեհեզով։ Անկողնիս վրայ զմուռս, Հալուէ ու կինամոն ցաներ եմ։ Եկուր մինչեւ առտու սիրով զուարճանանք Ու ցանկութիւններով զբօսնունք Վասն զի ամուսինս տունը չէ, Անիկա հեռու ճամբայ գնաց։ Ստակին քսակը իրեն հետ առաւ Եւ լուսնին լրման՝ ՝ օրը տուն պիտի դառնայ»։ Այսպէս իր շատ խօսքերովը զանիկա հրապուրեց Ու իր շրթունքներուն շողոքորթութիւնովը զանիկա գրաւեց։ Երիտասարդն ալ շիտակ կնոջ ետեւէն, Սպանդանոց գացող արջառի պէս, Պատժուելու գացող կապուած յիմարի մը պէս կ’երթայ, Մինչեւ որ նետը անոր լեարդը ծակէ, Ինչպէս թռչուն մը արտորալով դէպի ծուղակը կ’երթայ Ու չի գիտեր թէ դէպի իր անձին կորուստը կ’երթայ։ Հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք Ու իմ բերնիս խօսքերուն ականջ դրէք։ Քու սիրտդ դէպի անոր ճամբաները թող չխոտորի Եւ անոր շաւիղներուն մէջ թող չմոլորի։ Վասն զի անիկա շատերը խոցոտեց ու կործանեց Ու անոր բոլոր մեծցուցած մարդիկը զօրաւոր էին։ Անոր տունը դժոխքին ճամբան է, Ան մահուան շտեմարանները կ’իջնէ։ Իմաստութիւնը կ’աղաղակէ Ու հանճարը կը ձայնակցի քեզի։ Անիկա բարձր տեղերու գլուխը Եւ շաւիղներու մէջ կը կենայ։ Անիկա դռներուն քով՝ քաղաքներուն բերանը կը կենայ Ու դռներուն մուտքը աղաղակելով՝ կ’ըսէ. «Ո՛վ մարդիկ, ձեզի կը կանչեմ Եւ իմ ձայնս մարդոց որդիներուն է։ Ո՛վ տգէտներ, իմաստութիւն սորվեցէք, Ո՛վ անմիտներ, ուշադրութիւն ըրէ՛ք։ Լսեցէ՛ք, վասն զի ազնիւ բաներ պիտի խօսիմ Ու իմ շրթունքներս պիտի բանամ ուղիղ բաներ խօսելու համար ։ Քանզի իմ քիմքս ճշմարտութիւն պիտի խօսի, Իմ շրթունքս ամբարշտութենէ կը զզուի։ Բերնիս բոլոր խօսքերը արդարութեամբ են Եւ անոնց մէջ խոտորնակ ու ծուռ բան չկայ։ Ամէնքն ալ հասկցողին ուղիղ են Ու գիտութիւն գտնողներուն շիտակ են։ Իմ խրատս առէ՛ք եւ ոչ թէ արծաթ։ Ու ընտիր ոսկիէն աւելի գիտութիւնը սիրեցէ՛ք ։ Վասն զի իմաստութիւնը գոհարներէն աղէկ է Եւ բոլոր ցանկալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ։ Ես եմ իմաստութիւնը եւ խոհականութեան մէջ կը բնակիմ Եւ խոհեմութեան գիտութիւնը ունիմ։ Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ, Հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, չար ընթացքը Ու նենգաւոր բերանը կ’ատեմ։ Խորհուրդը եւ խոհականութիւնը, Հանճարն ու զօրութիւնը իմս են։ Թագաւորները ինծմով կը թագաւորեն Ու նախարարները ինծմով արդարութեան կանոններ կը դնեն։ Ինծմով կ’իշխեն իշխանները, Ազնուականներն ու երկրին բոլոր դատաւորները։ Ես կը սիրեմ զիս սիրողները։ Զիս կանուխ փնտռողները զիս կը գտնեն։ Իմ քովս հարստութիւն ու փառք, Ընտիր ստացուածք եւ արդարութիւն կայ։ Իմ պտուղս ոսկիէն ու զուտ ոսկիէն Եւ իմ արդիւնքս ընտիր արծաթէն աղէկ է։ Ես արդարութեան ճամբուն մէջ, Իրաւունքի շաւիղներուն մէջ կը քալեմ, Որպէս զի զիս սիրողներուն ստացուածք պարգեւեմ՝ ՝, Անոնց գանձարանը լեցնեմ։ Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն, Երկիրը ստեղծելէ առաջ, Իր գործին սկիզբը, Դարեր առաջ շինուեցայ։ Սկիզբէն, երկիրը կազմուելէն առաջ։ Անդունդները չեղած, Առատ ջուրերուն աղբիւրները չեղած ես ծնած էի։ Լեռները չտեղաւորուած, Բլուրներէն առաջ ես ծնած էի։ Տակաւին երկիրն ու դաշտերը Եւ աշխարհիս հողերը չստեղծուած, Երբ երկինքները կը պատրաստէր Ու անդունդներուն երեսին վրայ կամար կը ձգէր, ես հոն էի։ Երբ վերի ամպերը կ’ուժովցնէր Եւ անդունդներուն աղբիւրները կը հաստատէր, Երբ ծովուն կանոն կը դնէր, Որպէս զի ջուրերը իր հրամանէն դուրս չելլեն Ու երբ երկրի հիմերը կը ձգէր, Այն ատեն ես անոր քով ճարտարապետ էի Եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի Ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի։ Ես աշխարհի մէջ ու բնակելի երկրի վրայ կ’ուրախանայի Ու իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր։ Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք, Վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան։ Խրատի մտիկ ըրէք ու իմաստուն եղէ՛ք Ու զանիկա մի՛ մերժէք։ Երանի՜ այն մարդուն, որ ինծի մտիկ կ’ընէ, Ամէն օր իմ դռներուս քով կը հսկէ Եւ իմ դրանդիքներս կը դիտէ։ Վասն զի զիս գտնողը կեանք կը գտնէ Ու Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ։ Բայց ինծի դէմ մեղանչողը իր հոգիին անիրաւութիւն կ’ընէ։ Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն։ Իմաստութիւնը իր տունը շինեց Ու իր եօթը սիւները կանգնեցուց, Իր անասունները մորթեց, իր գինին խառնեց Ու իր սեղանը պատրաստեց։ Անիկա իր աղախինները ղրկեց, Որ քաղաքին բարձր տեղերը կանչեն. «Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ»։ Ու պակասամիտ եղողին ըսեն. «Եկէ՛ք, իմ հացէս կերէ՛ք Ու խառնած գինիէս խմեցէ՛ք։ Յիմարութիւնը թողուցէ՛ք, որպէս զի ապրիք Ու խոհեմութեան ճամբուն մէջ քալեցէ՛ք»։ Ծաղրողը յանդիմանողը՝ իրեն անարգանք Ու ամբարիշտը խրատողը իրեն արատ կը վաստկի։ Ծաղրողը մի՛ յանդիմաներ, որ չըլլայ թէ քեզի թշնամի ըլլայ։ Իմաստունը յանդիմանէ՛ ու քեզ պիտի սիրէ։ Իմաստունին խրատ տո՛ւր եւ աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ։ Արդար մարդուն սորվեցուր ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ։ Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն է Ու ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է։ Վասն զի քու օրերդ ինծմով պիտի շատնան Եւ քու կեանքիդ տարիները պիտի աւելնան։ Եթէ իմաստուն ես, քեզի համար իմաստուն ես Ու եթէ կը ծաղրես, անոր պատիժը միայն դուն պիտի կրես։ Անզգամ կինը աղաղակող կ’ըլլայ, Անիկա անմիտ է ու բան չի գիտեր։ Քաղաքին բարձր տեղերը, Իր տանը դուռը աթոռի վրայ կը նստի, Որպէս զի իրենց ճամբան շիտակ գացող Անցորդները կանչէ։ «Ո՛վ որ պարզամիտ է, թող հոս գայ» Ու պակասամիտ եղողին կ’ըսէ. «Գողցուած ջուրերը անոյշ են Եւ գաղտնի կերուած հացը համով կ’ըլլայ»։ Բայց անիկա չի գիտեր թէ այն տեղը մեռելներ կան Ու անոր հրաւիրած մարդիկը դժոխքին անդունդներուն մէջ են։ Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց անմիտ տղան իր մօրը տրտմութիւն է։ Անօրէնութեան գանձերը օգուտ չեն ըներ, Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։ Տէրը արդարին հոգին անօթի չի թողուր, Բայց ամբարիշտներուն ցանկութիւնը կը խափանէ։ Ծոյլ ձեռքով բանողը աղքատ կ’ըլլայ, Բայց ժիր մարդոց ձեռքը հարստութիւն կը բերէ։ Ան որ ամառը կը հաւաքէ, խոհեմ տղայ է, Հունձքի ատեն քնացող տղան նախատինք կը բերէ։ Արդարին գլխուն վրայ օրհնութիւններ կան, Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։ Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ’ըլլայ, Բայց ամբարիշտներուն անունը կը փտտի։ Իմաստուն սիրտ ունեցողը պատուիրանքները կը պահէ, Բայց յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի։ Կատարելութեամբ քալողը ապահովութեամբ կը քալէ, Բայց իր ճամբաները ծռողը պիտի ճանչցուի։ Աչքով ակնարկութիւն ընողը նեղութիւն կու տայ Ու յիմար շրթունք ունեցողը կը կործանի։ Արդարին բերանը կեանքի աղբիւր է, Բայց բռնութիւնը ամբարիշտներուն բերանը կը գոցէ։ Ատելութիւնը կռիւներ կը հանէ, Բայց սէրը ամէն յանցանք կը ծածկէ։ Իմաստունին շրթունքներուն վրայ իմաստութիւն կը գտնուի, Բայց պակասամիտ եղողին կռնակին համար գաւազան պէտք է ։ Իմաստունները գիտութիւն կը հաւաքեն, Բայց յիմարին բերանը կործանման մօտ է։ Հարուստին ճոխութիւնը իր ամուր քաղաքն է, Բայց տնանկներուն աղքատութիւնը իրենց կործանումն է։ Արդարին գործը կեանքի համար է, Իսկ ամբարշտին արդիւնքը մեղքի համար է։ Խրատը պահողը կեանքի ճամբուն մէջ է, Բայց յանդիմանութիւնը մերժողը կը մոլորի։ Ատելութիւնը ծածկողը ստախօս շրթունքներ ունի Ու բամբասանք հանողը անմիտ է։ Շատ խօսքերու մէջ յանցանք պակաս չէ, Բայց իր շրթունքները զսպողը խելացի է։ Արդարին լեզուն ընտիր արծաթ է։ Ամբարիշտներուն սիրտը քիչ արժէք ունի։ Արդարին շրթունքները շատերուն առաջնորդութիւն կ’ընեն, Բայց յիմարները խելքի պակասութենէ կը մեռնին։ Տէրոջ օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ Ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ։ Չարութիւն ընելը յիմարին զբօսանքն է, Բայց խոհեմ մարդունը՝ իմաստութիւնը։ Չար մարդուն վախցած բանը իր վրայ կու գայ, Բայց արդարներուն փափաքը կը լեցուի։ Մրրիկը անցնելուն պէս ամբարիշտը բնաջինջ կ’ըլլայ, Բայց արդարը յաւիտենական հիմ ունի ։ Ինչպէս քացախը՝ ակռաներուն եւ ծուխը՝ աչքերուն, Ծոյլն ալ զինք ղրկողներուն այնպէս է։ Տէրոջը վախը օրեր կ’աւելցնէ, Բայց ամբարիշտներուն տարիները պիտի կարճնան։ Արդարներուն յոյսը ուրախութիւն է, Բայց ամբարիշտներուն ակնկալութիւնը պիտի կորսուի։ Տէրոջը ճամբան արդարին զօրութիւն է, Բայց անօրէնութիւն գործողներուն կործանում է։ Արդարը պիտի չսասանի յաւիտեան, Բայց ամբարիշտները երկրի վրայ պիտի չբնակին։ Արդարին բերանը իմաստութիւն կը բղխեցնէ, Բայց նենգաւոր լեզուն պիտի կտրուի։ Արդարին շրթունքները հաճելի բանը գիտեն, Բայց ամբարիշտներուն բերանը՝ միայն նենգութիւն։ Նենգուած կշիռքը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղ կշիռքի քարը անոր հաճելի է։ Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, Բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։ Ուղիղներուն ճշմարտութիւնը անոնց կ’առաջնորդէ, Բայց անօրէններուն ծռութիւնը զանոնք բնաջինջ կ’ընէ։ Բարկութեան օրը հարստութիւնը օգուտ մը չ’ըներ, Բայց արդարութիւնը մահուանէ կ’ազատէ։ Կատարեալներուն արդարութիւնը անոնց ճամբան կը շտկէ, Բայց անիրաւը իր անիրաւութիւնովը կ’իյնայ։ Ուղիղներուն արդարութիւնը զանոնք կ’ազատէ, Բայց անօրէնները իրենց չարութեանը մէջ կը բռնուին։ Երբ չար մարդը մեռնի, անոր ակնկալութիւնը կը կորսուի Եւ անօրէններուն յոյսը կ’ոչնչանայ։ Արդարը նեղութենէ կ’ազատի Ու անոր տեղ ամբարիշտը կ’երթայ։ Կեղծաւորը բերնովը իր դրացին կը կորսնցնէ, Բայց արդարները գիտութեամբ կ’ազատին։ Արդարներուն յաջողութեանը վրայ քաղաքը կ’ուրախանայ Ու երբ չարերը կորսուին, ցնծութեան ձայն կը լսուի ։ Ուղիղներուն օրհնութիւնովը քաղաքը կը բարձրանայ, Բայց ամբարիշտներուն բերնովը կը կործանի։ Պակասամիտ եղողը իր դրացին կ’արհամարհէ, Բայց խոհեմ մարդը կը լռէ։ Բանսարկութեան պտըտողը գաղտնիքը կը յայտնէ, Բայց հաւատարիմ հոգի ունեցողը բանը կը ծածկէ։ Ժողովուրդը առանց խոհականութեան կը կործանի, Բայց խորհրդականներու բազմութեամբ փրկութիւն կ’ըլլայ։ Օտարականին երաշխաւոր եղողը անշուշտ չարիքի կը հանդիպի, Բայց երաշխաւորութիւնը ատողը ապահով է։ Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ Եւ զօրաւոր մարդիկ՝ հարստութիւն։ Ողորմած մարդը իր անձին աղէկութիւն կ’ընէ, Բայց անողորմ մարդը իր մարմնին նեղութիւն կու տայ։ Չար մարդը սնոտի գործ կը գործէ, Բայց արդարութիւն ցանողը ապահով վարձք կ’ունենայ։ Ինչպէս որ արդարութիւնը կեանքի կ’առաջնորդէ, Նոյնպէս չարութեան հետեւողը իր մահուանը կ’երթայ ։ Ծուռ սիրտ ունեցողները Տէրոջը առջեւ պիղծ են, Բայց ուղիղ ճամբայ քալողները անոր հաճելի են։ Անօրէնները թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին ՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան, Բայց արդարներուն սերունդը պիտի ազատի։ Գեղեցիկ կինը, որ խոհեմութիւն չունի, Խոզին քիթը դրուած ոսկի օղակին կը նմանի ։ Արդարներուն ցանկութիւնը միայն բարութիւն է, Բայց անօրէններուն ակնկալութիւնը բարկութիւն պիտի ըլլայ։ Մարդ կայ, որ իր ստացուածքը ցրուելով կ’աւելցնէ Ու մարդ կայ, որ չափէ դուրս կը խնայէ, բայց կարօտութեան կը հասնի ։ Բարերար անձը պիտի գիրնայ Եւ ան որ կ’ոռոգէ՝ ինքն ալ պիտի ոռոգուի։ Ժողովուրդը կ’անիծէ ցորենը պահողը. Բայց ծախողին գլուխը կ’օրհնէ։ Աղէկութեան համար փոյթ ընողը շնորհք կը ստանայ, Բայց ով որ գէշութիւն կը փնտռէ, չարիքի պիտի հանդիպի։ Իր հարստութեանը վրայ յոյս դնողը պիտի իյնայ, Բայց արդարները կանանչ տերեւի պէս պիտի ծաղկին։ Իր տանը նեղութիւն տուողը հով պիտի ժառանգէ Ու յիմարը իմաստուն սիրտ ունեցողին ծառայ պիտի ըլլայ։ Արդարին պտուղը կենաց ծառ է Եւ հոգիներ վաստկողը իմաստուն է։ Եթէ արդարը երկրի վրայ պատիժ կրէ, Ո՞ւր կը մնան ամբարիշտն ու մեղաւորը։ Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, Բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է։ Բարի մարդը Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ, Բայց Աստուած նենգաւոր մարդը պիտի դատապարտէ։ Մարդը անիրաւութեամբ հաստատութիւն չունենար, Բայց արդարներուն արմատը չի շարժիր։ Առաքինի կինը իր էրկանը պսակ է, Բայց նախատինք բերողը անոր ոսկորներուն փտտութեանը պէս է։ Արդարներուն մտածումները իրաւունք են, Բայց ամբարիշտներուն խորհուրդները՝ նենգ։ Ամբարիշտներուն խօսքերը արիւնի համար դարան են, Բայց ուղիղներուն բերանը զիրենք կ’ազատէ։ Ամբարիշտները կը կործանին ու բնաջինջ կ’ըլլան, Բայց արդարներուն տունը կը հաստատուի։ Մարդը իր խոհեմութեանը չափ կը գովուի, Բայց ծուռ սիրտ ունեցողը կ’անարգուի։ Իր հացին համար ծառայող մարդը աւելի աղէկ է, Քան թէ զինք մեծ ցուցնող, բայց հացի կարօտ մարդը։ Արդարը իր անասուններուն հոգ կը տանի, Բայց ամբարիշտները անողորմ են։ Իր երկիրը մշակողը հացով կը կշտանայ. Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը պակասամիտ է։ Ամբարիշտը չարերուն աւարին կը փափաքի, Բայց արդարներուն արմատը պտուղ կուտայ։ Չարը իր շրթունքներուն յանցանքովը որոգայթը կ’իյնայ, Բայց արդարը նեղութենէ կ’ազատի։ Մարդը իր բերնին պտուղէն բարիքներով պիտի լեցուի Եւ իր գործերուն հատուցում պիտի ընդունի։ Յիմարին ճամբան իր աչքերուն շիտակ է, Բայց իմաստունը խրատին մտիկ կ’ընէ։ Յիմարը նոյն օրը կը յայտնէ իր բարկութիւնը, Բայց անարգանքը ծածկողը խելացի է։ Ճշմարտութիւն խօսողը արդարութիւնը կը յայտնէ, Իսկ սուտ վկան՝ նենգութիւնը։ Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, Բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է։ Ճշմարտախօս շրթունքը միշտ հաստատ կը մնայ, Բայց ստախօս լեզուն վայրկենական է. Չարութիւն մտածողին սրտին մէջ նենգութիւն կ’ըլլայ, Բայց խաղաղութեան համար խորհուրդ ընողները ուրախութիւն կ’ունենան։ Արդարին բնաւ չարիք չի հասնիր, Բայց ամբարիշտները թշուառութիւններով կը լեցուին։ Սուտ շրթունքը Տէրոջը զզուելի է, Բայց հաւատարմութիւն ընողները անոր հաճելի են։ Խոհեմ մարդը իր գիտցածը կը ծածկէ, Բայց յիմարներուն սիրտը յիմարութիւնը կը հրատարակէ։ Ժիր մարդոց ձեռքը կ’իշխէ, Բայց ծոյլը հարկատու կ’ըլլայ։ Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, Բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա։ Արդարը իր ընկերին ճամբայ կը ցուցնէ՝ ՝, Բայց ամբարիշտներուն ճամբան զիրենք կը մոլորեցնէ։ Ծոյլը իր որսը չ’եփեր, Բայց ժիր մարդուն ստացուածքը պատուական է։ Արդարութեան ճամբուն մէջ կեանք կայ Եւ անոր շաւիղներուն ճամբուն մէջ մահ չկայ՝ ՝։ Իմաստուն տղան իր հօրը խրատին մտիկ կ’ընէ, Բայց ծաղրողը յանդիմանութեան մտիկ չըներ։ Մարդը իր բերնին պտուղէն բարութիւն կ’ուտէ. Բայց նենգերուն հոգին՝ բռնութիւն։ Իր բերանը զսպողը իր անձը կը պահէ, Բայց շրթունքները լայն բացողը պիտի կորսուի։ Ծոյլին հոգին կը ցանկայ ու բան մը չունի, Բայց ժրաջան մարդոց հոգին կը գիրնայ։ Արդարը սուտ խօսքը կ’ատէ, Բայց ամբարիշտը կ’այպանէ ու կը խայտառակէ ինքզինքը։ Արդարութիւնը կատարելութեամբ քալողները կը պաշտպանէ, Բայց չարութիւնը մեղաւորները կը կործանէ։ Մարդիկ կան, որ զիրենք հարուստ կը ցուցնեն, բայց բան մը չունին, Մարդիկ ալ կան, որ զիրենք աղքատ կը ցուցնեն, բայց շատ հարստութիւն ունին։ Մարդուն կեանքին փրկանքը իր հարստութիւնն է, Բայց աղքատը յանդիմանութիւն չի լսեր։ Արդարներուն լոյսը զուարթ պիտի ըլլայ, Բայց ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։ Յիրաւի հպարտութենէն կռիւ կը ծագի, Բայց խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ։ Անիրաւութեամբ հաւաքուած հարստութիւնը պիտի պակսի, Բայց իր աշխատութիւնով հաւաքողը պիտի շատցնէ։ Ուշացած յոյսը սիրտը կը հիւանդացնէ, Բայց փափաքին հասնիլը կեանքի ծառ մըն է։ Խօսքը արհամարհողը պիտի կորսուի, Բայց պատուիրանքէն վախցողը վարձք պիտի առնէ։ Իմաստունին օրէնքը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։ Բարի խոհեմութիւնը շնորհք կու տայ, Բայց անօրէններուն ճամբան դժուարին է։ Ամէն խելացի իմաստութեամբ կը գործէ, Բայց անմիտը յիմարութիւն կը տարածէ։ Չար պատգամաւորը թշուառութեան մէջ կ’իյնայ, Բայց հաւատարիմ դեսպանը բժշկութիւն է։ Խրատը անարգողը աղքատութիւն ու անարգութիւն կը կրէ, Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը պատիւ կը գտնէ։ Փափաքին կատարուիլը հոգիին անոյշ է Ու չարագործութենէ ետ կենալը յիմարներուն զզուելի է։ Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, Բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ՝ ՝։ Մեղաւորներուն ետեւէն ձախորդութիւն կ’երթայ, Բայց արդարներուն բարիք կը հատուցանուի։ Բարի մարդը իր թոռներուն ժառանգութիւն կը թողու, Բայց մեղաւորին ստացուածքը արդարին համար կը պահուի։ Աղքատներուն մշակած երկրին մէջ շատ ուտելիք կայ, Բայց մարդ կայ, որ անիրաւութենէ կը կորսուի։ Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, Բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ։ Արդարը մինչեւ իր անձին կշտանալը կ’ուտէ, Բայց ամբարիշտները կարօտութիւն պիտի քաշեն։ Իմաստուն կիները իրենց տուները կը շինեն, Բայց յիմար կինը զանիկա իր ձեռքովը կը փլցնէ։ Իր ուղղութեանը մէջ քալողը Տէրոջմէ կը վախնայ, Բայց ծուռ ճամբայ ունեցողը զանիկա կ’անարգէ։ Յիմարին բերանը հպարտութեան գաւազան կայ, Բայց իմաստուններուն շրթունքները զիրենք կը պահեն։ Ուր արջառ չկայ, մսուրը մաքուր կը մնայ, Իսկ արդիւնքին առատութիւնը եզին զօրութենէն յառաջ կու գայ։ Ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր, Բայց անիրաւ վկան ստութիւններ կը թափէ բերնէն ։ Ծաղրողը իմաստութիւն կը փնտռէ ու չի գտներ, Բայց իմաստուններուն համար գիտութիւնը դիւրին է։ Յիմար մարդէն հեռացիր, Երբ իմանաս, որ իմաստուն շրթունքներ չունի։ Խելացի մարդուն իմաստութիւնը իր ճամբան հասկնալն է. Բայց յիմարներուն անմտութիւնը նենգութիւն է։ Յիմարները յանցաւորը կը ծաղրեն, Բայց ուղիղներուն մէջ ներողամտութիւն կայ։ Մարդուն սիրտը իր հոգիին ցաւը կը ճանչնայ, Ուրիշը անոր ուրախութեանը մասնակից չըլլար։ Ամբարիշտներուն տունը պիտի կործանի, Բայց ուղիղներուն վրանը պիտի ծաղկի։ Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։ Ծիծաղելու ատենն ալ մարդուս սիրտը տրտմութիւն կը զգայ Եւ ուրախութեան վախճանը սուգ կ’ըլլայ։ Ապականած մարդը՝ իր ճամբաներու պտուղէն, Իսկ բարի մարդը իր գործերու պտուղէն պիտի կշտանայ։ Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, Բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ։ Իմաստունը կը վախնայ ու չարութենէ կը փախչի, Բայց անմիտը կը հպարտանայ ու յանձնապաստան կ’ըլլայ։ Շուտ բարկացողը յիմարութիւն կ’ընէ Իսկ իմաստուն մարդը կը համբերէ։ Անխոհեմները անմտութիւն կը ժառանգեն, Բայց խելացիները գիտութեամբ կը պսակուին։ Չարերը բարիներուն առջեւ կը խոնարհին Եւ ամբարիշտները՝ արդարներուն դրանը քով։ Աղքատը մինչեւ անգամ իր ընկերին ատելի է, Բայց հարուստին բարեկամները շատ են։ Տնանկը անարգողը մեղք կը գործէ, Բայց աղքատին ողորմողը երանելի կ’ըլլայ։ Չարութիւն մտածողները կը մոլորին, Բայց բարութիւն մտածողներուն ողորմութիւն ու ճշմարտութիւն կը հանդիպի։ Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ, Բայց դատարկաբանութիւնը միայն կարօտութեան կը տանի մարդը ։ Իմաստուններուն հարստութիւնը իրենց պսակն է, Բայց անմիտներուն բարձրութիւնը յիմարութիւն է։ Հաւատարիմ վկան հոգիներ կ’ազատէ, Բայց խարդախը ստութիւններ դուրս կու տայ։ Տէրոջը վախին մէջ հաստատ վստահութիւն կայ Ու անոր որդիները ապաւէն պիտի ունենան։ Տէրոջը վախը կեանքի աղբիւր է՝ Մահուան որոգայթներէն ազատ մնալու համար։ Ժողովուրդին բազմութիւնը թագաւորին պատիւ է, Բայց ժողովուրդին նուազութիւնը իշխանին կործանումն է։ Երկայնամիտ մարդը շատ խոհեմ է, Իսկ կարճամիտը շատ յիմարութիւն կ’ընէ։ Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, Բայց նախանձը ոսկորներուն փտտութիւն է։ Աղքատին զրկանք ընողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ, Բայց տնանկին ողորմութիւն ընողը զԱնիկա կը պատուէ։ Ամբարիշտը իր չարութեանը համար կը կործանի, Բայց արդարը իր մահուան ատենը ապահովութիւն կ’ունենայ։ Խելացի մարդուն սրտին մէջ իմաստութիւնը կը հանգչի, Իսկ յիմարներուն ներսը եղածը չի ճանչցուիր։ Արդարութիւնը ազգը կը բարձրացնէ, Բայց մեղքը ժողովուրդներուն անարգանք է։ Թագաւորը խոհեմ ծառային կը հաճի, Բայց նախատինք բերող ծառային կը բարկանայ։ Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, Բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ։ Իմաստուններուն լեզուն գիտութիւնը հաճելի կը դարձնէ, Բայց անմիտներուն բերանէն յիմարութիւն կը բղխի։ Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ Չարերն ու բարիները կը դիտեն։ Խաղաղասէր լեզուն կենաց ծառ է, Բայց խռովարար լեզուն սիրտ կը կոտրէ։ Յիմարը իր հօրը խրատը կ’անարգէ, Բայց յանդիմանութեան հնազանդողը խելացի կ’ըլլայ։ Արդարին տունը մեծ գանձ կայ, Բայց ամբարշտին եկամուտներուն մէջ խռովութիւն կայ։ Իմաստուններուն շրթունքները գիտութիւն կը տարածեն, Բայց յիմարներուն սիրտը այնպէս չէ։ Ամբարիշտներուն զոհը Տէրոջը առջեւ պիղծ է, Բայց ուղիղներուն աղօթքը անոր ընդունելի է։ Տէրը ամբարշտին ճամբայէն կը զզուի, Բայց արդարութեան հետեւողը կը սիրէ։ Ուղիղ ճամբան մերժողին գէշ պատիժ կ’ըլլայ ՝ ՝ Ու յանդիմանութիւնը ատողը պիտի մեռնի։ Դժոխքն ու կորուստը Տէրոջը առջեւն են, Ո՜րչափ աւելի մարդոց որդիներուն սրտերը։ Մեծամիտը զինք յանդիմանողը չի սիրեր Եւ իմաստուններուն քով չերթար։ Ուրախ սիրտը երեսը կը զուարթացնէ, Բայց սրտին տրտմութենէն հոգին կը ճնշուի։ Հանճարեղ սիրտը գիտութիւն կը փնտռէ, Բայց անմիտներուն բերանը յիմարութեամբ կը սնանի։ Վշտալից մարդուն բոլոր օրերը գէշ են, Բայց ուրախ սիրտը մշտնջենական կոչունքի մէջ է։ Աւելի աղէկ է քիչ բանը Տէրոջը վախովը, Քան թէ մեծ գանձը՝ խռովութիւնով։ Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, Քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով։ Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, Բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ։ Ծոյլին ճամբան փշեղէն ցանկի պէս է, Բայց ուղիղներուն ճամբան բանուկ է։ Իմաստուն տղան իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց անմիտը իր մայրը կ’անարգէ։ Պարզամիտ մարդուն՝ յիմարութիւնը զբօսանք է, Բայց իմաստուն մարդը կ’ուղղէ իր ընթացքը։ Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, Բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին։ Մարդ իր բերնին պատասխանովը կ’ուրախանայ։ Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է։ Կեանքի ճամբան խոհեմ մարդը դէպի վեր կը տանի, Որպէս զի վարի դժոխքէն հեռանայ։ Տէրը հպարտներուն տունը կը կործանէ, Բայց որբեւարիին սահմանը կը հաստատէ։ Չար մարդուն խորհուրդները Տէրոջը առջեւ պիղծ են, Բայց պարկեշտներուն խօսքերը հաճելի են։ Ագահութեան անձնատուր եղողը իր տունը խռովութեան մէջ կը ձգէ, Բայց կաշառքներէ զզուողը պիտի ապրի։ Արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ Բայց ամբարիշտներուն բերանէն չարիք կը բղխի։ Տէրը ամբարիշտներէն հեռու է, Բայց արդարներուն աղօթքը կը լսէ։ Աչքերուն լոյսը սիրտը կ’ուրախացնէ, Բարի լուրը ոսկորները կը գիրցնէ։ Կեանքի յանդիմանութիւնը լսող ականջը Իմաստուններուն մէջ պիտի բնակի։ Խրատ մերժողը իր հոգին կ’անարգէ, Բայց յանդիմանութեան մտիկ ընողը խելք կը վաստկի։ Տէրոջը վախը իմաստութեան խրատն է Ու փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ ։ Սրտին ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին, Բայց լեզուին պատասխանը Տէրոջմէն է։ Մարդուն բոլոր ճամբաները իրեն մաքուր կ’երեւնան, Բայց Տէրը հոգիները կը կշռէ։ Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէ Եւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին։ Տէրը ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց Ու ամբարիշտն ալ՝ ձախորդ օրուան համար։ Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են Ու թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին՝ ՝, անպատիժ պիտի չմնան։ Ողորմութեամբ եւ ճշմարտութեամբ անօրէնութիւնը կը քաւուի Ու Տէրոջը վախովը մարդ չարութենէ կը հեռանայ։ Երբ Տէրը մարդուն ճամբաներուն հաճի, Մինչեւ անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ։ Աղէկ է քիչ բան արդարութեամբ, Քան թէ մեծ եկամուտներ՝ անիրաւութեամբ։ Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ, Բայց Տէրը կ’ուղղէ անոր քայլերը։ Թագաւորին շրթունքներուն վրայ աստուածային ներշնչում կայ Եւ անոր բերանը դատաստանի մէջ չի սխալիր։ Ուղիղ կշռողը եւ կշիռքը Տէրոջն են, Պարկին մէջի բոլոր կշիռքի քարերը անոր գործն են։ Չարագործութիւնը թագաւորներուն զզուելի է, Վասն զի աթոռը արդարութեամբ հաստատուած է։ Արդար շրթունքները թագաւորներուն հաճելի են Ու կը սիրեն շիտակ խօսողը։ Թագաւորին բարկութիւնը մահուան դեսպաններու պէս է. Բայց իմաստուն մարդը զանիկա կ’իջեցնէ։ Թագաւորին երեսին լոյսը կեանք է Ու անոր հաճութիւնը վերջին անձրեւի ամպին պէս է։ Իմաստութիւն ստանալը ոսկիէն շատ աղէկ է Եւ հանճար վաստկիլը արծաթէն աւելի ընտիր է։ Ուղիղներուն մեծ ճամբան չարութենէ հրաժարիլն է։ Իր ճամբուն զգուշութիւն ընողը իր հոգին կը պահէ։ Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւն Ու կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ ։ Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը, Հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէկ է։ Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէ Ու Տէրոջը ապաւինողը երանելի է։ Իմաստուն սիրտ ունեցողը խոհեմ կը սեպուի Եւ շրթունքներուն քաղցրութիւնը գիտութիւնը կ’աւելցնէ։ Խոհեմութիւնը կեանքի աղբիւր է զայն ունեցողին համար, Բայց խրատը անմիտներուն յիմարութիւն է։ Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայ Ու իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ։ Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են, Հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են։ Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ, Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։ Աշխատող անձը իրեն համար կ’աշխատի. Քանզի իր բերանը կը պահանջէ իրմէ։ Անօրէն մարդը չարութիւն կը փորէ Ու անոր շրթունքներուն վրայ կարծես այրող կրակ կայ։ Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ Եւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ։ Անօրէն մարդը իր ընկերը կը խաբէ Ու զանիկա գէշ ճամբաներ կը տանի։ Աչքերը կը գոցէ նենգութիւններ մտածելու համար Եւ շրթունքները խածնելով չարութիւն կը կատարէ։ Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, Եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի։ Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է Ու իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն։ Վիճակը ծոցը կը ձգուի, Բայց անոր ամէն կարգադրութիւնը Տէրոջմէն է։ Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով, Քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով։ Խոհեմ ծառան նախատինք բերող որդիին կ’իշխէ Ու եղբայրներու մէջ ժառանգութեան բաժին կ’առնէ։ Արծաթի համար՝ հալոց եւ ոսկիի համար քուրայ կայ, Բայց սրտերը փորձողը Տէրն է։ Չար մարդը անիրաւին շրթունքներուն մտիկ կ’ընէ Ու ստախօսը վնասակար լեզուին ականջ կը դնէ։ Աղքատը ծաղրողը անոր Ստեղծիչը կ’անարգէ Եւ ձախորդութեան վրայ ուրախացողը անպատիժ պիտի չմնայ։ Թոռները ծերերուն պսակն են Եւ որդիներուն պարծանքը իրենց հայրերն են։ Ընտիր խօսքը անզգամին չի վայլեր, Ո՜րչափ աւելի ստախօս շրթունքը՝ ազնուականին։ Պարգեւը՝ գործածողին առջեւ պատուական գոհարի պէս է, Ուր որ դառնայ յաջողութիւն կը գտնէ։ Յանցանքը ծածկողը բարեկամութիւն կը փնտռէ, Բայց զանիկա պատմողը մտերիմ բարեկամները կը զատէ։ Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ, Քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին։ Չար մարդը միշտ ապստամբութիւն կը փնտռէ Ու անոր անգութ պատգամաւոր կը ղրկուի։ Աւելի աղէկ է ձագերը գողցուած արջին առջեւ ելլել, Քան թէ յիմարի մը՝ անոր յիմարութեան ատենը։ Ով որ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցանէ, Չարիքը անոր տունէն պակաս պիտի չըլլայ։ Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, Ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ։ Ամբարիշտը արդարացնողը եւ արդարը ամբարիշտ հանողը՝ Երկուքն ալ Տէրոջը առջեւ պիղծ են։ Իմաստութիւնը ծախու առնելու գինը ի՞նչ օգուտ ունի յիմարին ձեռքը, Երբ խելք չունի։ Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ Ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է։ Պակասամիտ մարդը գրաւական կու տայ Ու իր բարեկամին համար երաշխաւոր կ’ըլլայ։ Կռիւ սիրողը յանցանք կը սիրէ։ Իր դուռը բարձրացնողը իր կործանումը կը փնտռէ։ Ծուռ սիրտ ունեցողը աղէկութիւն չի գտներ Ու նենգաւոր լեզուով մարդը չարիքի մէջ կ’իյնայ։ Յիմարը ծնանողը տրտմութիւն կը կրէ Եւ անզգամին հայրը չ’ուրախանար։ Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, Բայց կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ։ Անօրէն մարդը ուրիշին ծոցէն կաշառք կ’առնէ, Որպէս զի արդարութեան ճամբաները ծռէ։ Իմաստութիւնը խոհեմ մարդուն առջեւն է, Բայց յիմարին աչքերը երկրի ծայրերն են։ Յիմարին տղան իր հօրը՝ տրտմութիւն Ու զինք ծնանողին դառնութիւն կ’ըլլայ։ Աղէկ չէ արդարէն տուգանք առնել, Ո՛չ ալ իշխանները ծեծել իրաւունք ընելնուն համար՝ ՝։ Իր խօսքերը զսպողը իմաստուն է Ու երկայնամիտ մարդը հանճարեղ է։ Յիմարը անգամ՝ եթէ լուռ կենայ՝ իմաստուն Ու իր շրթունքները գոցողը հանճարեղ կը սեպուի։ Ինքնահաճոյ մարդը իր ցանկութիւնը կը փնտռէ Եւ ամէն խորհուրդի դէմ կը կենայ՝ ՝։ Յիմարը խոհեմութենէ չախորժիր, Հապա իր սրտին մէջ եղածը յայտնել կ’ուզէ ։ Երբ ամբարիշտը գայ՝ անարգութիւն ալ կու գայ Ու նախատինքին հետ՝ խայտառակութիւն։ Մարդուն բերնին խօսքերը խորունկ ջուրեր են։ Իմաստութեան աղբիւրը առատաբուղխ գետ է։ Դատաստանի մէջ արդարը սուտ հանելու համար՝ Ամբարշտին աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։ Անմիտ մարդուն շրթունքները կռիւ կը բերեն Ու անոր բերանը ծեծողը կը կանչէ։ Անմիտ մարդուն բերանը իրեն կործանում է Եւ անոր շրթունքները իր անձին որոգայթ են։ Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են Ու անոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։ Ան որ իր գործին մէջ թոյլ է, Շռայլ մարդուն եղբայրն է։ Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, Արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ։ Հարուստին ստացուածքը իր ամուր քաղաքն է Ու անոր երեւակայութեան մէջ բարձր բերդի պէս է։ Կոտորածէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ, Բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ’երթայ ։ Ո՛վ որ բան մը չլսած պատասխան կու տայ, Յիմարութիւն ու նախատինք է իրեն։ Մարդուն հոգին իր հիւանդութեանը կը համբերէ, Բայց վիրաւորուած հոգին ո՞վ կրնայ մխիթարել։ Խոհեմին սիրտը գիտութիւն կը վաստկի Եւ իմաստուններուն ականջը գիտութիւն կը փնտռէ։ Մարդուն ընծան անոր ճամբայ կը բանայ Ու զանիկա մեծերուն առջեւ կը տանի։ Իր դատը առաջուընէ սկսողը իրաւունք ունեցող կը սեպուի. Բայց երբ իր ոսոխը գայ՝ զանիկա կը քննէ։ Վիճակը վէճերը կը դադրեցնէ Ու զօրաւորներուն մէջտեղ որոշում կ’ընէ։ Օգնութիւն ստացող եղբայր մը ամուր քաղաքէն անառիկ է Եւ անոր վէճերը բերդի մը նիգերուն կը նմանին։ Մարդ իր բերնին պտուղէն կը կշտանայ Ու իր շրթունքներուն արդիւնքէն կը գոհանայ։ Մահն ու կեանքը լեզուին ձեռքն են, Անոնք, որ զայն կը սիրեն, անոր պտուղը կ’ուտեն։ Առաքինի կին գտնողը բարիք կը գտնէ Ու Տէրոջմէն շնորհք կը ստանայ։ Աղքատը աղաչելով կը խօսի, Բայց հարուստը խիստ պատասխան կու տայ։ Բարեկամներ կան, որ բարեկամ կը ձեւանան, Բայց եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ։ Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատը Նենգաւոր շրթունք ունեցող յիմարէն աղէկ է։ Հոգիին տգիտութիւնը աղէկ չէ Ու ոտքերովը արտորացողը կը սահի։ Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ Եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ։ Հարստութիւնը շատ բարեկամներ կ’աւելցնէ Բայց աղքատը իր բարեկամէն կը լքուի։ Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ Ու ստութիւններ խօսողը պիտի չազատի։ Շատերը առատաձեռն մարդուն՝ ՝ հաճութիւնը կը փնտռեն Ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ’ըլլայ։ Աղքատին բոլոր եղբայրները անկէ կը զզուին. Անոր բարեկամները ա՛լ աւելի անկէ կը հեռանան Ու անիկա ոչինչ խօսքերու ետեւէ կ’իյնայ՝ ՝։ Խելքը վաստկողը իր հոգին կը սիրէ, Իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ։ Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ Ու ստութիւններ խօսողը պիտի կորսուի։ Յիմարին փափկութիւն չի վայլեր, Նոյնքան եւ աւելի ծառայի մը՝ իշխաններու վրայ իշխել։ Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ Եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է։ Թագաւորին բարկութիւնը առոյգ առիւծի մռնչիւնին կը նմանի, Իսկ անոր հաճութիւնը խոտին վրայի ցօղին պէս է։ Անմիտ տղան իր հօրը թշուառութիւնն է Ու կնոջ կռիւները շարունակական կաթիլներու պէս են։ Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են, Բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է։ Ծուլութիւնը խորունկ քուն կը բերէ Եւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ։ Պատուիրանքը պահողը իր հոգին կը պահէ, Իր ճամբաները անարգողը պիտի մեռնի։ Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ Ու անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ։ Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ Եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար՝ ՝։ Խիստ բարկացող մարդը պատիժը պէտք է կրէ, Վասն զի եթէ անգամ մը ազատես՝ պիտի ստիպուիս կրկնել։ Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛, Որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս։ Մարդուն սրտին մէջ շատ դիտաւորութիւններ կան, Բայց Տէրոջը խորհուրդը հաստատուն պիտի մնայ։ Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է Ու աղքատը ստախօսէն աղէկ է։ Տէրոջը երկիւղը կեանքի պատճառ է, Եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի ու ձախորդութեան չի հանդիպիր։ Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ Ու զանիկա իր բերանն անգամ չի տանիր։ Ծաղրողը ծեծէ, որ միամիտը խելացի ըլլայ։ Եթէ իմաստունը յանդիմանես՝ գիտութիւն պիտի շահի։ Իր հայրը կործանողը ու իր մայրը վռնտողը՝ Ամօթ ու նախատինք բերող տղայ մըն է։ Որդեա՛կ իմ, ե՛տ կեցիր այն խրատին մտիկ ընելէն, Որը քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը խոտորցնէ։ Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ’ընէ Ու ամբարիշտներուն բերանը անիրաւութիւնը կը կլլէ։ Ծաղրողներուն համար՝ դատապարտութիւններ Եւ անմիտներուն կռնակին համար ծեծեր պատրաստուած են։ Գինին ծաղրող է ու ցքին՝ կռուազան։ Ով ո՛ր ասոնց անձնատուր ըլլայ՝ իմաստուն չըլլար։ Թագաւորին ահը առոյգ առիւծին մռնչիւնին պէս է Ու զանիկա բարկացնողը իր անձին վնաս կ’ընէ։ Կռիւէն ետ կենալը մարդուն փառք է, Բայց ամէն յիմար կռուասէր է։ Ձմեռ ըլլալուն համար ծոյլը գետինը չի հերկեր, Ուստի հունձքի ատենը պիտի մուրայ ու բան մը պիտի չունենայ։ Մարդու մը սրտին խորհուրդը խորունկ ջուրերու պէս է, Բայց խելացի մարդը զանիկա դուրս կը հանէ։ Մարդոցմէ շատերը իրենց բարերարութիւնը կը հրատարակեն, Բայց հաւատարիմ մարդը ո՞վ կրնայ գտնել։ Իր անարատութեանը մէջ քալողը արդար է, ուստի Անոր որդիները իր ետեւէն երջանիկ պիտի ըլլան։ Դատաստանի աթոռը նստող թագաւորը Իր աչքերովը ամէն չարիք կը ցրուէ։ Ո՞վ կրնայ ըսել թէ ‘Իմ սիրտս սրբեցի, Իմ մեղքէս մաքրուեցայ’։ Երկու տեսակ կշիռքի քար, երկու տեսակ չափ՝ Հաւասարապէս Տէրոջը առջեւ պիղծ են։ Մինչեւ անգամ տղու մը վարքին մաքրութիւնը եւ ուղղութիւնը Անոր գործերէն կը հասկցուի։ Լսող ականջն ու տեսնող աչքը, Երկուքն ալ Տէրը ստեղծեր է։ Քունը մի՛ սիրեր, որպէս զի չաղքատանաս։ Աչքերդ բաց, որպէս զի հացով կշտանաս։ Ծախու առնողը «Գէշ է, գէշ է», կ’ըսէ, Բայց երբ երթայ, այն ատեն կը պարծենայ։ Ոսկի ու շատ գոհար կը գտնուի, Բայց գիտութեան շրթունքները մեծագին զարդեր են։ Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին՝ զգեստը առ Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն ՝ գրաւ ա՛ռ։ Ստութեան հացը մարդուն ախորժելի է, Բայց ետքը անոր բերանը խիճով պիտի լեցուի։ Դիտաւորութիւնը խորհրդով կը հաստատուի, Ուստի իմաստութեամբ պատերազմ ըրէ։ Բանսարկութիւն ընողը գաղտնիքը կը յայտնէ, Ուրեմն շողոքորթութիւն ընողին հետ հաղորդակցութիւն մի՛ ունենար։ Ով որ իր հայրն ու մայրը կ’անիծէ, Անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի։ Այն ժառանգութիւնը, որ սկիզբը արտորնօք կ’առնուի, Անոր վերջը պիտի չօրհնուի։ «Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ», մի՛ ըսեր, Տէրոջը սպասէ ու անիկա քեզի պիտի օգնէ։ Զանազան տեսակ կշիռքի քարերը Տէրոջը առջեւ պիղծ են Ու նենգաւոր կշիռքը աղէկ չէ։ Մարդուն քայլերը Տէրոջմէն կը կառավարուին, Ուստի մարդը իր ճամբան ի՞նչպէս կրնայ որոշել։ Անխորհրդաբար բան մը նուիրելը եւ ուխտ ընելէն ետքը անդրադառնալը Մարդուն որոգայթ են։ Իմաստուն թագաւորը ամբարիշտները կը զատէ Ու անիւը անոնց վրայ կը քշէ։ Մարդուն հոգին Տէրոջը լոյսն է, Սրտին բոլոր շտեմարանները կը քննէ։ Ողորմութիւնն ու ճշմարտութիւնը թագաւորը կը պահեն, Անիկա ալ իր աթոռը ողորմութեամբ կը հաստատէ։ Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է Եւ ծերերուն փառքը ճերմակ մազն է։ Վէրքի նշաններն ու փորի շտեմարանները հասնող հարուածները Չար մարդուն՝ ՝ մաքրողական դեղ են։ Թագաւորին սիրտը ջուրի վտակներու պէս է Տէրոջ ձեռքին մէջ, Զանիկա ո՛ր կողմը ուզէ կը դարձնէ։ Մարդուն ճամբան իրեն ուղիղ կ’երեւնայ, Բայց Տէրը սրտերը կը կշռէ։ Արդարութիւն եւ իրաւունք գործելը Զոհէն աւելի ընդունելի է Տէրոջը։ Ամբարտաւան աչքերը եւ հպարտ սիրտը Եւ ամբարիշտներուն լոյսը մեղք են։ Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, Բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ ։ Սուտ լեզուով գանձեր վաստկիլը Մահը փնտռողներուն հալածած ունայնութիւնն է։ Ամբարիշտներուն բռնութիւնը զանոնք պիտի կորսնցնէ, Վասն զի իրաւունք ընել չեն ուզեր։ Երբ մարդուն ճամբան ծուռ ըլլայ՝ կը խոտորի. Բայց մաքուր ընթացքը ուղիղ է։ Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, Քան թէ կռուազան կնոջ հետ մեծ տան մէջ։ Ամբարիշտ մարդուն հոգին չարութեան կը ցանկայ Ու անոր ընկերը անոր առջեւ շնորհք չի գտներ։ Եթէ ծաղրողը տուգանքի ենթարկուի, միամիտը իմաստուն կ’ըլլայ Եւ եթէ իմաստունը խրատուի, գիտութիւն կը ստանայ։ Արդարը խոհեմութեամբ ամբարիշտին տունը կը դիտէ, Երբ ամբարիշտները չարութեան համար կործանին։ Ով որ աղքատին աղաղակը չլսելու համար իր ականջը կը գոցէ, Ինք ալ պիտի աղաղակէ ու իրեն լսող պիտի չըլլայ։ Գաղտնի պարգեւը բարկութիւնը կ’իջեցնէ Եւ ծոցը դրուած ընծան սաստիկ կատաղութիւնը կը դադրեցնէ ։ Իրաւունք ընելը արդարին ուրախութիւն է, Բայց անիրաւին տանջանք է. Խոհեմութեան ճամբայէն մոլորող մարդը Մեռելներուն ժողովի մէջ պիտի մնայ։ Ուրախութիւն սիրողը կարօտութեան մէջ կ’իյնայ, Գինին ու իւղը սիրողը չի հարստանար։ Ամբարիշտը՝ արդարին համար Ու անօրէնը ուղիղներուն համար փրկանք կ’ըլլայ։ Աղէկ է անապատը բնակիլ, Քան թէ՝ կռուազան ու բարկացող կնոջ հետ։ Իմաստունին բնակարանին մէջ ցանկալի գանձ ու իւղ կը գտնուի, Բայց անմիտ մարդը իր ունեցածը՝ ՝ կը կլլէ։ Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը Կեանք, արդարութիւն եւ փառք կը գտնէ։ Իմաստունը զօրաւորներուն քաղաքը կ’ելլէ Եւ անոնց ապաւինած ամրութիւնը կը փլցնէ։ Իր բերանն ու լեզուն պահողը՝ Իր հոգին նեղութիւններէ կը պահէ։ Հպարտութեամբ եւ բարկութեամբ վարուող մարդը, Որ հպարտ եւ յանդուգն է՝ ծաղրող կը կոչուի։ Ծոյլին ցանկութիւնը զանիկա կը մեռցնէ, Վասն զի անոր ձեռքերը աշխատիլ չեն ուզեր։ Անօրէնը ամէն օր սաստիկ կը ցանկայ. Իսկ արդարը կու տայ ու չի խնայեր։ Ամբարիշտներուն զոհը պիղծ է, Մանաւանդ՝ երբ զանիկա չար դիտաւորութեամբ կը մատուցանեն։ Սուտ վկան պիտի կորսուի, Բայց լսող մարդը զգուշութեամբ պիտի խօսի։ Ամբարիշտ մարդը իր երեսը կը պնդացնէ, Բայց ուղիղը իր ճամբաները կը շտկէ։ Իմաստութիւն, հանճար կամ խորհուրդ մը չկայ Որ Տէրոջը դէմ կենայ ։ Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի, Բայց փրկութիւնը Տէրոջմէն է։ Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է Ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է։ Հարուստն ու աղքատը իրարու կը հանդիպին, Ամէնքը ստեղծողը Տէրն է։ Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին։ Խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը Հարստութիւն, փառք ու կեանք են։ Ծուռ մարդուն ճամբուն մէջ փուշեր ու որոգայթներ կան Ուստի իր հոգին պահողը՝ անոնցմէ հեռու պիտի կենայ։ Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը՝ ՝, Որպէս զի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի։ Հարուստը աղքատներուն վրայ կը տիրէ Ու փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ։ Չարութիւն ցանողը ունայնութիւն կը հնձէ Եւ անոր բարկութեան գաւազանը պիտի կորսուի։ Աղէկ աչք ունեցողը օրհնեալ կ’ըլլայ, Վասն զի իր հացէն աղքատին կու տայ։ Ծաղրողը եթէ վռնտես, կռիւը կ’անցնի Ու վէճը եւ անարգանքը կը դադրին։ Սրտի մաքրութիւն սիրողին շրթունքներուն վրայ շնորհք կայ Ու թագաւորը անոր բարեկամ կ’ըլլայ։ Տէրոջը աչքերը գիտութիւնը կը պահպանեն, Բայց ինք անօրէնին խօսքերը կ’աւրէ։ Ծոյլը կ’ըսէ. «Դուրսը առիւծ կայ, Հրապարակին մէջ պիտի մեռցուիմ»։ Օտար կիներուն բերանը խորունկ փոս է, Տէրոջը ատելի եղողը հոն կ’իյնայ։ Մանուկին սրտին մէջ յիմարութիւնը կապուած է. Խրատի գաւազանը զանիկա կը հեռացնէ անկէ։ Իր ստացուածքը շատցնելու համար աղքատին զրկանք ընողը Ու հարուստին տուողը՝ անշուշտ կարօտութեան պիտի մատնուի։ Ականջդ ծռէ ու իմաստուններուն խօսքերուն մտիկ ըրէ Եւ քու սիրտդ իմ գիտութեանս տուր. Վասն զի եթէ անոնք քու սրտիդ մէջ պահես, հաճելի բան է, Անոնք քու շրթունքներուդ վրայ ալ պիտի հաստատուին։ Ահա քեզի այս բաները այսօր իմացուցի, Որպէս զի քու ապաւէնդ Տէրը ըլլայ։ Միթէ ես քեզի երեսուն խրատներ Ու գիտութիւն չգրեցի՞, Որպէս զի քեզի ճշմարիտ խօսքերուն ստուգութիւնը ցուցնեմ, Որպէս զի քեզի հարցնողներուն ճշմարիտ խօսքերով պատասխան տաս։ Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար Ու տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր։ Վասն զի Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ Եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կողոպտէ։ Բարկացող մարդուն հետ ընկերութիւն մի՛ ըներ Ու ցասկոտ մարդուն հետ մի՛ երթար. Որպէս զի չըլլայ թէ անոր ճամբաները սորվիս Եւ դուն քեզ որոգայթի մէջ ձգես։ Գրաւական տուողներէն մի՛ ըլլար, Ոչ ալ ՝ պարտքի համար երաշխաւոր եղողներէն։ Եթէ վճարելու կարողութիւն չունիս, Ինչո՞ւ համար տակէդ քու անկողինդ առնեն։ Տեղէն մի՛ շարժեր հին սահմանին նշանը, Որ քու հայրերդ դրեր են։ Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, Անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ, Բայց աննշան մարդոց առջեւ պիտի չկենայ։ Երբ իշխանի հետ սեղան նստիս, Առջեւդ դրուածին աղէ՛կ նայէ. Ու եթէ դուն ախորժակի տէր մարդ ես, Կոկորդիդ վրայ դանակ դի՛ր։ Անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար, Վասն զի անոնք խաբէութեան հաց են։ Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր, Քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր։ Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է. Անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ Ու արծիւի պէս օդը կը թռչի։ Չար աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր Եւ անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար. Վասն զի անիկա իր սրտին մէջ ինչպէս կը մտածէ, այնպէս է։ «Կե՛ր ու խմէ՛», կ’ըսէ քեզի, Բայց անոր սիրտը քեզի հետ չէ։ Կերած պատառդ պիտի փսխես Ու հաճելի խօսքերդ պիտի կորսնցնես։ Յիմարին ականջներուն մի՛ խօսիր, Քանզի քու խօսքերուդ իմաստութիւնը կ’անարգէ։ Վաղեմի սահմանին նշանը տեղէն մի՛ վերցներ Ու սրբերուն արտերը մի՛ մտներ, Քանզի անոնց Վրէժխնդիրը զօրաւոր է Եւ քեզի դէմ անոնց իրաւունքը անիկա՛ պիտի պաշտպանէ։ Քու սիրտդ խրատի տուր Ու ականջներդ՝ գիտութեան խօսքերուն։ Տղայէն խրատը մի՛ կտրեր, Վասն զի եթէ զանիկա գաւազանով ծեծես, չի մեռնիր։ Թէեւ դուն անիկա գաւազանով կը ծեծես, Բայց անոր հոգին դժոխքէն կ’ազատես։ Որդեա՛կ իմ, եթէ քու սիրտդ իմաստուն ըլլայ, Իմ սիրտս կ’ուրախանայ։ Ու երբ քու շրթունքներդ ուղիղ բաներ խօսին, Իմ երիկամունքներս պիտի ցնծան։ Թող քու սիրտդ մեղաւորներուն չնախանձի, Հապա ամէն օր Տէրոջը վախին մէջ եղիր։ Վասն զի իրաւցընէ վախճան մը կայ Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի։ Որդեա՛կ իմ, լսէ՛ ու իմաստուն եղի՛ր Եւ քու սիրտդ դէպի ուղիղ ճամբան շտկէ՛։ Մի՛ ընկերանար գինեմոլներուն Ու իրենց մարմինը մաշողներուն Վասն զի գինեմոլն ու շռայլը աղքատ կ’ըլլան Եւ շատ քունը՝ պատռտած հանդերձներ կը հագցնէ։ Հնազանդէ՛ մօրդ, որ քեզ ծներ է Ու մի՛ անարգեր քու հայրդ, երբ կը ծերանայ։ Ճշմարտութիւնը ծախու ա՛ռ ու զանիկա մի՛ ծախեր։ Նմանապէս ՝ իմաստութիւնը, խրատն ու հանճարը։ Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ Եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ։ Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան Ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ։ Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր Եւ քու աչքերդ թող իմ ճամբաներս դիտեն. Վասն զի պոռնիկը խորունկ փոս է Ու օտար կինը նեղ ջրհոր է։ Անիկա գողի պէս դարանը կը մտնէ Ու մարդոց մէջ անհաւատարիմները կ’աւելցնէ։ Որո՞ւն է վայը. որո՞ւն է ցաւը. Որո՞ւն են կռիւները. որո՞ւն են տրտունջները, Որո՞ւն են առանց պատճառի վէրքերը. Որո՞ւն է աչքերու կարմրութիւնը։ Գինիին քով մնացողներուն, Խառնուած գինին փնտռելու գնացողներուն։ Մի՛ նայիր գինիին կարմրութեանը, Գաւաթին մէջ իր գոյնը ցուցնելուն ու շիտակ վազելուն։ Անիկա ետքը օձի պէս կը խածնէ Ու քարբի պէս կը խայթէ։ Անկէ ետքը քու աչքդ օտար կիներու պիտի նայի Եւ քու սիրտդ ծուռ բաներ պիտի խօսի Եւ ծովու մէջ պառկողի պէս Ու կայմի վրայ պառկողի պէս պիտի ըլլաս։ Եւ պիտի ըսես. «Զիս ծեծեցին ու ես ցաւ մը չզգացի, Ինծի զարկին ու ես բան մը չիմացայ. Ե՞րբ պիտի արթննամ, Որպէս զի զանիկա նորէն փնտռեմ»։ Չար մարդոց մի՛ նախանձիր Ու անոնց հետ կենալու մի՛ ցանկար. Վասն զի անոնց միտքը բռնութեան մասին կը խորհի Եւ անոնց շրթունքները բռնութեան վրայով կը խօսին։ Տունը իմաստութեամբ կը շինուի Ու հանճարով կը հաստատուի։ Շտեմարանները գիտութեամբ Եւ ամէն տեսակ պատուական ու վայելուչ գանձերով կը լեցուին։ Իմաստուն մարդը զօրաւոր կ’ըլլայ Ու գիտութիւն ունեցողը ոյժ կ’աւելցնէ. Վասն զի պատերազմդ խոհեմութեամբ կ’ընես. Եւ ազատութիւնը խորհրդականներու շատութիւնով կ’ըլլայ։ Իմաստութիւնը յիմարին համար շատ բարձր է. Անիկա դրանը մէջ իր բերանը չի բանար։ Ով որ չարութիւն ընել կը մտածէ, Անիկա նենգամիտ պիտի կոչուի։ Յիմարութեան խորհուրդը մեղք է Եւ ծաղր ընողը մարդոց զզուելի է։ Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, Ոյժդ քիչ է։ Ազատէ՛ զանոնք, որ մեռցուելու կը տարուին Ու սպաննուելու վրայ եղողները ազատելէն ետ մի՛ կենար։ Եթէ ըսեն թէ՝ «Մենք ասիկա չգիտցանք», Ահա սրտերը քննողը կը հասկնայ Ու քու հոգիդ պաշտպանողը ինք գիտէ Եւ ամէն մարդու իր գործին չափովը պիտի հատուցանէ։ Որդեա՛կ իմ, մեղր կեր, որ աղէկ է Եւ մեղրախորիսխ կե՛ր, որ քիմքիդ քաղցր է։ Իմաստութեան ճամաչումն ալ քու հոգիիդ այնպէս քաղցր պիտի ըլլայ ։ Եթէ զանիկա գտնես Եւ վախճան մը կայ Ու քու յոյսդ պիտի չկտրի։ Ո՛վ չար, արդարին տանը դարանակալ մի՛ ըլլար, Անոր բնակարանը մի՛ աւերեր։ Վասն զի արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի. Բայց չարերը ձախորդութեան մէջ պիտի իյնան։ Երբ քու թշնամիդ իյնայ՝ մի՛ ուրախանար Ու երբ ոտքը սահի՝ քու սիրտդ թող չցնծայ։ Չըլլայ որ Տէրը տեսնէ ու իրեն անհաճոյ երեւնայ Եւ իր բարկութիւնը անոր վրայէն դարձնէ։ Չարագործներուն համար մի՛ սրտմտիր Ու ամբարիշտներուն մի՛ նախանձիր. Վասն զի չար մարդը բարի վախճան չունենար։ Ամբարիշտներուն ճրագը պիտի մարի։ Որդեա՛կ իմ, Տէրոջմէ ու թագաւորէն վախցի՛ր Եւ խռովարար մարդոց հետ մի՛ խառնուիր. Քանզի անոնց կործանումը յանկարծ կ’ըլլայ Ու երկուքին ալ պատուհասը ո՞վ կը ճանչնայ։ Այս բաներն ալ իմաստուններուն յատուկ են։ Դատաստանի մէջ աչառութիւն ընելը աղէկ չէ։ Ով որ ամբարշտին կ’ըսէ՝ «Դուն արդար ես», Ազգերը անոր անէծք պիտի տան Ու ժողովուրդները զանիկա պիտի անարգեն։ Բայց զանոնք յանդիմանողները պիտի բերկրին Եւ անոնց վրայ առատ օրհնութիւն պիտի գայ։ Շիտակ պատասխան տուողը՝ Շրթունքներ կը համբուրէ։ Դուրսի գործդ կանոնաւորէ Եւ զանիկա քու արտիդ մէջ՝ ՝ կարգի դիր Ու տունդ ետքը շինէ։ Քու դրացիիդ դէմ զուր տեղ վկայութիւն մի՛ ըներ Եւ քու շրթունքներովդ մի՛ խաբեր։ Մի՛ ըսեր՝ «Անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ, Այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ»։ Ծոյլ մարդուն՝ արտին քովէն Ու պակասամիտ մարդուն այգիին քովէն անցայ։ Ամենուն մէջ փուշեր բուսեր էին Ու անոնց երեսը եղիճներ ծածկեր էին Եւ անոր քարէ պատը փլած էր։ Երբ զանիկա տեսայ՝ մտքիս մէջ պահեցի, Անոր նայեցայ ու անկէ խրատ առի։ Եթէ քիչ մը քնանաս, քիչ մը նիրհես Ու քիչ մը ձեռք ձեռքի վրայ դնես ննջելու համար, Քու աղքատութիւնդ ճամբորդի պէս պիտի գայ Եւ քու կարօտութիւնդ՝ սպառազինեալ մարդու պէս։ Ասոնք ալ Սողոմոնի առակներն են, որոնք Յուդայի Եզեկիա թագաւորին մարդիկը օրինակեցին։ Բանը ծածկելը Աստուծոյ փառքն է, Բայց թագաւորներուն փառքը բանը աղէկ քննելն է։ Երկնքի բարձրութիւնն ու երկրի խորութիւնը Եւ թագաւորներուն սիրտը չեն քննուիր։ Վերցո՛ւր արծաթէն կղկղանքը Ու ոսկերիչին համար մաքուր անօթ կ’ելլէ։ Վերցո՛ւր թագաւորին առջեւէն ամբարիշտը Ու անոր աթոռը արդարութեամբ կը հաստատուի։ Թագաւորին առջեւ մի՛ պարծիր Եւ մեծերուն տեղը մի՛ կենար, Վասն զի աղէկ է որ քեզի ըսեն թէ «Հո՛ս, վեր ելիր», Քան թէ վար իջեցնեն քեզ իշխանին առջեւ։ Կռիւի համար շուտով դուրս մի՛ ելլեր. Չըլլայ թէ երբ ընկերդ քեզ ամչցնէ, Դուն վերջը ինչ ընելիքդ չգիտնաս ։ Ընկերիդ հետ քու դատդ վարէ՛, Բայց գաղտնիքը ուրիշի մի՛ յայտներ, Որպէս զի լսողը քեզ չանարգէ Ու գէշ անունդ անջնջելի մնայ։ Յարմարութեամբ ըսուած խօսքը Արծաթէ զարդերու մէջ դրուած ոսկիէ խնձորներու կը նմանի ։ Իմաստունին յանդիմանութիւնը՝ մտիկ ընող ականջին՝ Ոսկիէ օղ ու մաքուր ոսկիէ մանեակ է։ Հաւատարիմ դեսպանը զինք ղրկողներուն Հունձքի ատեն ձիւնին զովութեանը պէս է Եւ իր տիրոջը հոգին կը զովացնէ։ Սուտ առատաձեռնութեան վրայ պարծենցողը Անանձրեւ ամպերու եւ հովի պէս է։ Համբերութեամբ իշխանին սիրտը կը շինուի Եւ անոյշ լեզուն ոսկորներ կը կոտրէ։ Եթէ մեղր գտնես, միայն քեզի բաւական եղածին չափ կեր, Չըլլայ որ յագենաս ու զանիկա փսխես։ Քու ոտքդ դրացիիդ տունը թող չյաճախէ, Չըլլայ որ քեզմէ ձանձրանայ ու քեզ ատէ։ Իր դրացիին համար սուտ վկայութիւն ընողը Լախտի, սուրի եւ սրած նետի պէս է։ Նեղութեան օրը անհաւատարիմ մարդու ապաւինիլը Փշրուող ակռայի եւ դիւրասահ ոտքի ապաւինելու պէս է։ Տրտում մարդուն առջեւ երգեր երգողը Ցուրտ օրը իր զգեստը հանողին Կամ բորակի վրայ թափուած քացախին կը նմանի ։ Եթէ թշնամիդ անօթի է, անոր հաց կերցուր Ու եթէ ծարաւ է, անոր ջուր խմցուր։ Քանզի այսպէս ընելով անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես Եւ Տէրը քեզի հատուցում պիտի ընէ։ Հիւսիսային հովը ամպեր կը հաւաքէ Ու խոժոռ դէմքը՝ չարախօս լեզու։ Աղէկ է տանիքի մը անկիւնը բնակիլ, Քան թէ կռուազան կնոջ հետ՝ մեծ տան մէջ։ Ինչպէս է պաղ ջուրը՝ ծարաւցած մարդուն, Այնպէս է հեռու երկրէ եկած բարի լուրը։ Չար մարդուն առջեւ ինկող արդարը Տղմուտ աղբիւրի ու պղտորած ակի կը նմանի ։ Շատ մեղր ուտելը աղէկ չէ, Եւ մարդուն իր փառքը փնտռելը փառք չէ։ Իր ոգին չզսպող մարդը՝ Փլած ու անպարիսպ քաղաքի պէս է։ Ինչպէս ամառուան մէջ՝ ձիւն եւ հունձքի ատեն՝ անձրեւ, Այնպէս ալ յիմարին պատիւ չի վայլեր։ Ինչպէս ճնճղուկը կը պտըտի ու ծիծեռնակը կը թռչի, Այնպէս ալ առանց պատճառի անէծք չի գար։ Ձիուն՝ խարազան ու իշուն՝ խթան Եւ յիմարներուն կռնակին գաւազան պէտք է։ Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար, Որպէս զի դուն ալ անոր նման չըլլաս։ Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան տուր, Որպէս զի անիկա ինքզինք իմաստուն չկարծէ։ Յիմարին ձեռքով խօսք ղրկողը Իր ոտքերը կը կտրէ ու վնաս կը քաշէ։ Ինչպէս կաղին ոտքերը կ’երերան, Այնպէս յիմարին բերնին մէջ՝ առակը։ Յիմարին պատիւ տուողը Քարակոյտի մը մէջ պատուական քարերու ծրար դնողին ՝ ՝ կը նմանի։ Առակը՝ յիմարին բերնին մէջ, Գինովին ձեռքը մտնող փուշին պէս է։ Մեծ է ամէն բան Ստեղծողը, Որ յիմարին վարձք կու տայ եւ յանցաւորներուն վարձք կու տայ։ Ինչպէս շունը իր փսխածին կը դառնայ, Այնպէս ալ յիմարը իր յիմարութեանը կը դառնայ։ Զինք իմաստուն կարծող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։ Ծոյլը կ’ըսէ. «Ճամբուն մէջ եւ Հրապարակներուն մէջ առիւծ կայ»։ Ինչպէս դուռը իր ծխնիներուն վրայ կը դառնայ, Այնպէս ծոյլը՝ իր անկողնին վրայ։ Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ, Բայց բերանը տանելու անգամ դժուարութիւն կը զգայ։ Ծոյլը՝ իր աչքերուն, Խելացի պատասխան տուող եօթը մարդէն աւելի իմաստուն կ’երեւնայ։ Իրենը չեղած դատին համար բարկացող անցորդը Շունը ականջներէն բռնողին պէս է։ Ինչպէս կատղած մարդը, որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կը ցանէ, Այնպէս է այն մարդը որ իր բարեկամին նենգութիւն կ’ընէ Ու ետքը կ’ըսէ. «Կատակ ըրի»։ Առանց փայտի կրակը կը մարի Եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի։ Ինչպէս ածուխը՝ կայծերուն ու փայտը կրակին, Այնպէս է կռուարար մարդը վէճ բռնկցնելու։ Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են, Որոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։ Կրքոտ շրթունքները եւ չար սիրտը Արծաթի կղկղանքով պատուած հողէ ամանի կը նմանին ։ Ատողը իր շրթունքները կը կեղծէ Ու սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ։ Անոր գեղեցիկ խօսուածքին մի՛ հաւատար, Վասն զի անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ։ Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ, Անոր չարութիւնը ժողովուրդին մէջ պիտի յայտնուի։ Փոս փորողը ինք մէջը պիտի իյնայ Եւ ան որ քար կը գլորէ՝ իրեն պիտի դառնայ։ Ստախօս լեզուն իր ծեծածները՝ ՝ կ’ատէ Ու շողոքորթ բերանը կորուստ կը յառաջացնէ։ Վաղուան համար մի՛ պարծենար, Վասն զի չես գիտեր թէ օրը ի՞նչ պիտի ծնանի։ Քեզ ուրիշը թող գովէ եւ ոչ թէ՝ քու բերանդ, Օտարը՝ ո՛չ թէ քու շրթունքներդ։ Քարը՝ ծանրութիւն ու աւազը ծանր բեռ ունի, Բայց յիմարին բարկութիւնը երկուքէն ալ ծանր է։ Բարկութիւնը անողորմ է ու սրտմտութիւնը՝ խիստ. Բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ։ Յայտնի յանդիմանութիւնը Ծածուկ սէրէն աղէկ է։ Բարեկամին տուած վէրքերը հաւատարիմ են, Բայց թշնամիին համբոյրները առատ են։ Կուշտ մարդը խորիսխը կ’արհամարհէ, Բայց անօթի մարդուն լեղի բանն ալ անոյշ կու գայ։ Իր տեղէն թափառական եղող մարդը, Իր բոյնէն թափառական եղող թռչունին պէս է։ Իւղն ու խունկը սիրտը կը զուարճացնեն Եւ սրտմտութենէն հոգին կը խռովի։ Քու բարեկամդ ու քու հօրդ բարեկամը մի՛ թողուր Եւ քու նեղութեանդ ատենը քու եղբօրդ տունը մի՛ երթար։ Մօտ դրացին հեռու եղող եղբօրմէն աղէկ է։ Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, Որպէս զի անարգողին պատասխան տամ։ Խորագէտը չարիք կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, Բայց միամիտները յառաջ կ’անցնին ու վնաս կը կրեն։ Օտարականի մը երաշխաւոր եղողին զգեստը ա՛ռ Եւ օտար կնոջ համար երաշխաւոր եղողէն գրաւ ա՛ռ։ Եթէ մէկը առտու կանուխ ելլէ ու իր դրացին բարձր ձայնով օրհնէ, Ասիկա անոր անէծք կը սեպուի։ Անձրեւոտ օրուան շարունակ կաթիլն Ու կռուազան կինը իրարու կը նմանին։ Զանիկա պահողը հովը կը պահէ Եւ աջ ձեռքին մէջ պահուած իւղը զինք կը յայտնէ։ Երկաթը երկաթով կը սրուի Ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ։ Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ’ուտէ Եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ։ Ինչպէս ջուրը՝ երեսը երեսին, Նոյնպէս սիրտը մարդը մարդուն կը ցուցնէ ։ Դժոխքն ու կորուստը չեն կշտանար, Մարդուն աչքերն ալ չեն կշտանար։ Ինչպէս հալոցը՝ արծաթը եւ քուրան ոսկին կը փորձէ, Այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ ։ Յիմարը ցորենի հետ անկանի մէջ հաւանով ծեծես ալ, Անոր յիմարութիւնը անկէ չ’երթար։ Քու ոչխարներուդ վիճակը աղէ՛կ գիտցիր Եւ քու հօտերուդ աղէ՛կ նայէ, Վասն զի հարստութիւնը միշտ չի մնար Ու թագը դարէ դար չի տեւեր։ Կանանչը կը բուսնի, խոտը կ’երեւնայ Եւ լեռներուն խոտերը կը հաւաքեն։ Գառները քու հագուստիդ համար են Ու նոխազները դաշտերուն գինն են։ Քու կերակուրիդ համար եւ քու տանդ կերակուրին համար Ու քու աղախիններուդ ապրուստին համար Բաւական այծի կաթ պիտի ունենաս ։ Ամբարիշտը առանց մէկէն հալածուելու կը փախչի, Բայց արդարները առոյգ առիւծի պէս քաջասիրտ կ’ըլլան։ Երկրին յանցանքովը անոր իշխանները շատ կ’ըլլան, Բայց անոր վիճակը իմաստուն ու գիտուն մարդուն ձեռքով շատ ատեն կը դիմանայ։ Աղքատները զրկող չքաւոր մարդը Հացի կարօտութիւն բերող յորդահոս անձրեւի պէս է։ Օրէնքը մերժողները ամբարիշտները կը գովեն, Բայց օրէնքը պահողները անոնց դէմ կը կենան։ Չար մարդիկ իրաւունքը չեն հասկնար, Բայց Տէրը փնտռողները ամէն բան կը հասկնան։ Իր կատարելութեանը մէջ քալող աղքատը՝ Ծուռ ճամբաներու մէջ քալող հարուստ մարդէն աղէկ է։ Օրէնքը պահողը իմաստուն տղայ է, Բայց շռայլներուն բարեկամ եղողը իր հայրը կ’ամչցնէ։ Իր ստացուածքը տոկոսով եւ վաշխով աւելցնողը, Զանիկա աղքատին ողորմութիւն ընողին համար կը հաւաքէ։ Ան որ օրէնքին մտիկ չընելու համար կը գոցէ իր ականջը, Անոր աղօթքն անգամ պիղծ է։ Ան որ ուղիղները չար ճամբու կ’առաջնորդէ, իր փոսին մէջ ինք պիտի իյնայ. Սակայն արդարները բարիք պիտի ժառանգեն։ Հարուստ մարդը իր աչքերուն իմաստուն կ’երեւնայ, Բայց հանճարեղ աղքատը անոր անմտութիւնը երեւան կը հանէ։ Երբ արդարները ուրախանան, մեծ փառք կ’ըլլայ, Բայց երբ ամբարիշտները բարձրանան, մարդ կը փնտռուի։ Իր յանցանքները ծածկողը յաջողութիւն չի գտներ, Բայց զանոնք խոստովանողն ու մէկդի ձգողը ողորմութիւն կը գտնէ։ Միշտ վախցող մարդը երանելի է, Բայց իր սիրտը խստացնողը չարիքի մէջ պիտի իյնայ։ Աղքատ ժողովուրդի վրայ իշխող ամբարիշտը Մռնչողը առիւծի ու անյագ արջի կը նմանի ։ Խոհեմութիւն չունեցող իշխանը շատ զրկանքներ կ’ընէ, Բայց ագահութենէ զզուողը իր կեանքը կ’աւելցնէ։ Արիւնապարտ մարդը մինչեւ գուբը կը փախչի։ Թող մէ՛կը չպաշտպանէ զանիկա։ Կատարելութեամբ քալողը փրկութիւն կը գտնէ, Բայց ծուռ մարդը, որ երկու ճամբով կը քալէ, անոնց մէկուն մէջ կ’իյնայ։ Երկրագործը հացով պիտի կշտանայ, Բայց դատարկ մարդոց հետեւողը աղքատութեամբ պիտի լեցուի։ Հաւատարիմ մարդը շատ օրհնութիւններ կ’առնէ, Բայց հարուստ ըլլալու արտորացողը անպատիժ պիտի չմնայ։ Աչառութիւն ընելը աղէկ չէ, Վասն զի պատառ մը հացի համար մարդ կրնայ յանցանք գործել։ Չար աչք ունեցող մարդը հարուստ ըլլալու կ’արտորայ, Ու չի գիտեր թէ իր վրայ աղքատութիւն պիտի գայ։ Մարդ յանդիմանողը վերջապէս շնորհք կը գտնէ Լեզուով շողոքորթութիւն ընողէն աւելի։ Ան որ իր հայրը կամ մայրը կը կողոպտէ եւ կ’ըսէ՝ «Յանցանք չէ», Անիկա ապականող մարդուն ընկերն է։ Հպարտ սիրտ ունեցող մարդը կռիւ կը հանէ, Բայց Տէրոջը ապաւինողը պիտի գիրնայ։ Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է, Բայց իմաստութեամբ քալողը պիտի ազատի։ Աղքատին տուողը կարօտ չըլլար, Բայց անկէ երես դարձնողը շատ անէծքներ պիտի առնէ ։ Եթէ ամբարիշտները բարձրանան, մարդիկ կը պահուին, Բայց եթէ անոնք կորսուին, արդարները կը շատնան։ Շատ անգամ յանդիմանուած մարդը, երբ իր պարանոցը խստացնէ, Յանկարծ պիտի կոտրուի ու բժշկութիւն պիտի չգտնէ։ Եթէ արդարները զօրանան, ժողովուրդը կ’ուրախանայ, Բայց երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ։ Իմաստութիւն սիրող մարդը իր հայրը կ’ուրախացնէ, Բայց պոռնիկներուն ընկեր եղողը ստացուածքը կը ցրուէ։ Արդարութեա՛մբ թագաւորը կը հաստատէ իր երկիրը, Բայց կաշառք առնողը զանիկա կը կործանէ։ Իր ընկերին շողոքորթութիւն ընող մարդը, Անոր քայլերուն որոգայթ կը լարէ։ Չար մարդուն ամբարշտութեանը մէջ որոգայթ կայ, Բայց արդարը ցնծութեան եւ ուրախութեան մէջ պիտի ըլլայ։ Արդարը աղքատներուն իրաւունքը կը ճանչնայ, Բայց չար մարդը տեղեակ չըլլար։ Ծաղրող մարդիկ քաղաքը կը բռնկեցնեն, Բայց իմաստունները բարկութիւնը կը դադրեցնեն։ Իմաստուն մարդը, երբ յիմարին հետ վիճաբանութիւն ընէ, Թէ՛ սրդողի եւ թէ՛ ծիծաղի՝ հանգիստ չըլլար։ Արիւնահեղ մարդիկ արդարը կ’ատեն, Բայց ուղիղները անոր որպիսութիւնը կը հարցնեն։ Յիմարը իր միտքը բոլորովին կը յայտնէ, Բայց իմաստունը զանիկա ուրիշ ատենի կը պահէ։ Սուտ խօսքերու ականջ դնող իշխանին Բոլոր ծառաները չար կ’ըլլան։ Աղքատն ու բռնաւորը իրարու հանդիպեցան. Երկուքին ալ աչքերուն լոյս տուողը Տէրն է։ Աղքատները ճշմարտութեամբ դատող թագաւորին աթոռը Յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ։ Գաւազանն ու յանդիմանութիւնը իմաստութիւն կու տան, Բայց իր կամքին ձգուած տղան իր մայրը կ’ամչցնէ։ Երբ ամբարիշտները շատնան, յանցանքը կը շատնայ, Բայց արդարները անոնց իյնալը պիտի տեսնեն։ Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէս զի քեզ հանգստացնէ Եւ քու հոգիդ զուարճացնէ։ Առանց մարգարէութեան՝ ժողովուրդը կը խոտորի, Բայց օրէնքը պահողը երջանիկ կ’ըլլայ։ Հասկցող ու պատասխան տուող ծառան Խօսքերով չի խրատուիր։ Իր խօսքերուն մէջ արտորացող մարդ մը տեսա՞ր. Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։ Եթէ մէկը իր ծառան տղայութենէն փափկութեամբ մեծցնէ, Վերջապէս անիկա իր տղան կ’ըլլայ։ Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ Եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ ։ Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ, Բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստկի։ Գողին ընկեր եղողը իր հոգին կ’ատէ, Անիկա կ’երդնու, բայց իր գիտցածը չի յայտներ։ Վախը մարդը որոգայթի մէջ կը ձգէ, Բայց Տէրոջը ապաւինողը ամուր ապաստանարան կ’ունենայ։ Շատերը իշխանին օգնութիւնը կը փնտռեն, Բայց Տէրոջմէն է մարդուն իրաւունքը։ Անօրէն մարդը արդարներուն զզուելի է, Իսկ ուղղութեամբ քալողը ամբարշտին զզուելի է։ Յակէեան Ագուրին խօսքերը՝ Այսինքն պատգամը, որ ան տուաւ, Իթիէլին եւ Ուքալին։ Արդարեւ ես ամէն մարդէ թանձրամիտ եմ Ու մարդկային խոհեմութիւն չունիմ։ Իմաստութիւն չսորվեցայ Ու Ամենասուրբին գիտութիւնը չեմ գիտեր։ Ո՞վ երկինք ելաւ ու իջաւ։ Ո՞վ հովը իր ձեռքերուն մէջ հաւաքեց։ Ո՞վ ջուրերը իր հանդերձին մէջ ամփոփեց։ Ո՞վ երկրի բոլոր ծայրերը հաստատեց։ Ի՞նչ է անոր անունը ու անոր որդիին անունը. Եթէ գիտես՝ ըսէ՛ ։ Աստուծոյ բոլոր խօսքերը մաքուր են։ Անիկա իրեն ապաւինողներուն ասպար է։ Դուն անոր խօսքերուն վրայ բան մի՛ աւելցներ, Որպէս զի քեզ չյանդիմանէ ու դուն ստախօս երեւնաս։ Քեզմէ երկու բան կը խնդրեմ։ Մեռնելէս առաջ զանոնք մի մերժեր։ Ունայնութիւնը եւ սուտ խօսքը ինծմէ հեռացո՛ւր, Ինծի աղքատութիւն կամ հարստութիւն մի՛ տար։ Իմ սովորական հացո՛վս զիս կերակրէ, Որպէս զի չըլլայ թէ կշտանամ եւ քեզ ուրանամ Ու «Տէրը ո՞վ է», ըսեմ։ Եւ չըլլայ թէ աղքատանամ ու գողութիւն ընեմ Եւ իմ Աստուծոյս անունը պարապ տեղ բերանս առնեմ։ Ծառան իր տիրոջ առջեւ մի՛ յանդիմաներ, Որպէս զի քեզ չանիծէ եւ դուն յանցաւոր ըլլաս։ Կան անձեր, որոնք իրենց հայրը կ’անիծեն Եւ մայրը չեն օրհներ։ Կան անձեր, որոնք իրենց աչքին առջեւ մաքուր են, Սակայն իրենց աղտեղութենէն լուացուած չեն։ Մարդ կայ, որուն աչքերը խիստ ամբարտաւան են Ու անոր արտեւանունքները բարձրացած են։ Մարդ կայ, որուն ակռաները սուրերու պէս են Եւ անոր ժանիքները դանակներու պէս են, Աղքատները երկրի վրայէն Ու տնակները մարդոց մէջէն ուտելու համար։ Տզրուկը երկու աղջիկ ունի։ «Տո՛ւր, տո՛ւր», կ’ըսեն ։ Այս երեքը չեն կշտանար Ու չորս բան կայ, որոնք «Հերիք է», չեն ըսեր. Գերեզմանը, ամուլ արգանդը, Երկիրը, որ ջրով չի կշտանար Ու կրակը, որ «Հերիք է», չ’ըսեր։ Այն աչքը, որ իր հայրը կը ծաղրէ Եւ իր մօրը հնազանդիլը կ’անարգէ, Ձորերուն ագռաւները պիտի փորեն Ու արծիւներուն ձագերը պիտի ուտեն զանիկա։ Այս երեք բաները ինծի զարմանալի կ’երեւնան Եւ չորս բան կայ, որոնք չեմ հասկնար։ Օդին մէջ՝ արծիւին ճամբան, Ապառաժին վրայ՝ օձին ճամբան, Ծովուն մէջ՝ նաւուն ճամբան Ու աղջկան քով՝ այր մարդուն ճամբան։ Շնացող կնոջ ճամբան ալ այնպէս է։ Կ’ուտէ ու բերանը կը սրբէ Եւ «Չարութիւն չըրի», կ’ըսէ։ Երեք բանի համար երկիրը կը դողայ Ու չորս բան կայ, որոնք չի կրնար տանիլ։ Ծառան՝ երբ թագաւորէ, Յիմարը՝ երբ հացով կշտանայ, Ատելի կինը՝ երբ կարգուի Եւ աղախինը, երբ իր տիկնոջ ժառանգորդ ըլլայ։ Երկրի վրայ չորս բան կայ, որոնք պզտիկ են, Բայց անոնք շատ խելացի են։ Մրջիւնները զօրաւոր ժողովուրդ մը չեն, Բայց իրենց կերակուրը ամառուընէ կը պատրաստեն։ Ճագարները տկար ժողովուրդ մըն են, Բայց իրենց տուները վէմերու վրայ կը շինեն։ Մարախները թագաւոր չունին, Սակայն ամէնքը գունդ գունդ դուրս կ’ելլեն։ Մողէսը իր ձեռքերովը պատերուն կը փակչի Ու թագաւորներու պալատներուն մէջ կը գտնուի։ Աղէկ քալող երեք բան կայ Եւ չորս բան կայ, որոնք գեղեցիկ քալուածք ունին։ Առիւծը, որ բոլոր անասուններէն զօրաւոր է Ու բնաւ մէկուն երեսէն ետ չի դառնար։ Մէջքը կապած ձին ՝ ՝ ու նոխազը Եւ թագաւորը, որուն ժողովուրդը իրեն հետ է։ Եթէ բարձրանալով յիմարութիւն ըրիր, Կամ չարութիւն մը մտածեցիր, Ձեռքդ բերնիդ վրայ դի՛ր ։ Վասն զի եթէ կաթը ծեծես՝ կոգի կ’ելլէ, Եթէ քիթը ճմլես՝ արիւն կ’ելլէ, Նոյնպէս եթէ բարկութիւնը գրգռես՝ կռիւ կ’ելլէ։ Լեմուէլ թագաւորին խօսքերը, Այսինքն պատգամը, որ անոր մայրը իրեն սորվեցուց. Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որդեակ իմ, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որովայնիս որդին, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ ուխտերուս որդին։ Քու զօրութիւնդ կիներուն մի՛ տար, Ո՛չ ալ քու ճամբաներդ՝ թագաւորներ բնաջինջ ընողներուն։ Ո՛վ Լեմուէլ, թագաւորներուն չի վայլեր, Գինի խմել թագաւորներուն չի վայլեր Եւ օղի խմել իշխաններուն չի վայլեր. Չըլլայ որ խմեն ու օրէնքը մոռնան Եւ տառապեալներէն մէկուն դատը ծռեն։ Օղին կորսուելու վրայ եղողին Ու գինին դառնահոգիներուն տուէք, Որպէս զի անոնք խմեն ու իրենց աղքատութիւնը մոռնան Եւ իրենց նեղութիւնը անգամ մըն ալ չյիշեն։ Բաց քու բերանդ համր մարդուն համար Ու բոլոր անխնամ մնացածներուն դատին համար։ Բաց քու բերանդ եւ արդարութեամբ դատէ Եւ աղքատին ու տնանկին դատը տես։ Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։ Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։ Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է Ու աւարի կարօտ չըլլար։ Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք։ Բուրդ ու քթան կը փնտռէ Եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ։ Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի։ Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ։ Անիկա գիշերով կ’ելլէ ու տանը մարդոցը ՝ կերակուր Եւ իր աղախիններուն գործ կու տայ։ Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ’առնէ։ Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ։ Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ Ու իր բազուկները կը զօրացնէ։ Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ։ Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր։ Իր ձեռքերը իլիկին կ’երկնցնէ Ու ափովը րոքը կը բռնէ։ Ձեռքը աղքատին կը բանայ Ու ձեռքերը կարօտեալներուն կ’երկնցնէ։ Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար. Քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են։ Իրեն ծածկոցներ կը շինէ։ Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է։ Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ, Երբ երկրին ծերերուն հետ նստի։ Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ Եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ։ Զօրութիւն ու փառք կը հագնի Ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ։ Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ Եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ։ Իր տանը ճամբաները կը քննէ Եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։ Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։ Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով. «Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, Բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար»։ Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի։ Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն Ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա։ Երուսաղէմի թագաւոր Դաւիթի որդիին Ժողովողին խօսքերը. Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը, Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է։ Ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ մարդ Արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատանքէն։ Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ, Բայց երկիրը միշտ կը կենայ։ Նաեւ արեւը կը ծագի ու արեւը մարը կը մտնէ Եւ իր ծագած տեղը արտորալով կը դառնայ։ Հովը դէպի հարաւ կ’երթայ Ու դէպի հիւսիս կը պտըտի։ Հովը ասդին անդին պտըտելով Կ’երթայ, իր շրջաններուն համեմատ կը դառնայ։ Բոլոր գետերը ծով կ’երթան, Բայց ծովը չի լեցուիր։ Այն տեղը, ուր գետերը կ’երթային, Նորէն հոն կ’երթան։ Բոլոր խօսքերը կը հատնին՝ ՝։ Մարդս խօսելու կարող չէ։ Աչքը տեսնելով չի կշտանար Ու ականջը լսելով չի լեցուիր։ Ինչ որ եղած է, նոյնը պիտի ըլլայ Ու ինչ որ գործուած է, նոյնը պիտի գործուի։ Արեւուն տակ բնաւ նոր բան մը չկայ։ Կա՞յ արդեօք այնպիսի բան մը, Որուն համար կրնայ ըսուիլ՝ «Ահա ասիկա նոր է». Ահա մեզմէ առաջ եղած դարերուն մէջ Անիկա արդեն եղած էր։ Առաջուան բաներուն յիշատակը չկայ Ու ետքը ըլլալիք բաներուն ալ, Ետքը եկողներուն մէջ յիշատակը պիտի չըլլայ։ Ես՝ Ժողովողս՝ Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղայ։ Իմ սիրտս երկնքի տակ բոլոր եղածները Իմաստութեամբ փնտռելու ու քննելու տուի։ Աստուած այս չար զբաղումը մարդոց որդիներուն տուաւ, Որպէս զի անով զբաղին։ Արեւուն տակ բոլոր գործուած գործերը տեսայ Եւ ահա ամէնքն ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք՝ ՝ են։ Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ Ու այն որ պակաս է, չի կրնար համրուիլ։ Ես իմ սրտիս մէջ խօսեցայ ու ըսի. «Ահա ես մեծցայ ու իմաստութիւն ստացայ Երուսաղէմի մէջ ինծմէ առաջ եղողներէն ամենէն աւելի Եւ իմ սիրտս շատ իմաստութիւն ու գիտութիւն տեսաւ»։ Իմ սիրտս իմաստութիւնը ճանչնալու, Խենդութիւնը եւ յիմարութիւնը գիտնալու տուի։ Հասկցայ թէ ասիկա ալ հոգիի տանջանք է։ Վասն զի շատ իմաստութեան մէջ շատ տրտմութիւն կայ Ու իր գիտութիւնը աւելցնողը իր վիշտը կ’աւելցնէ։ Ես իմ սրտիս մէջ ըսի. «Եկուր հիմա ուրախութեան միջոցով քեզ փորձեմ», Ուստի բարիքներ վայելէ։ Ահա ասիկա ալ ունայնութիւն է։ Ծիծաղին համար ըսի. «Յիմար է» Եւ ուրախութեանը համար՝ «Ասոր ըրածը ի՞նչ է»։ Սրտիս մէջ խորհեցայ, որ մարմինս գինիով զուարթացնեմ, Իմաստութեան առաջնորդութիւնովը ճանչնամ անմտութիւնը, Որպէս զի տեսնեմ թէ ի՞նչ բան բարի է մարդոց որդիներուն, Որ կրնան ընել երկնքի տակ Իրենց կեանքի բոլոր օրերուն մէջ։ Մեծ գործեր ըրի։ Ինծի տուներ շինեցի ու ինծի այգիներ տնկեցի։ Ինծի պարտէզներ եւ մրգաստաններ շինեցի Ու անոնց մէջ ամէն տեսակ պտղատու ծառ տնկեցի։ Ինծի ջուրի աւազաններ շինեցի, Որպէս զի անոնցմով մայրիներու անտառը ոռոգուի։ Ծառաներ ու աղախիններ ստացայ Եւ իմ տանս մէջ ծնած ծառաներ ունեցայ։ Շատ արջառներ եւ հօտեր ունեցայ, Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն ամենէն աւելի։ Նաեւ արծաթ ու ոսկի Եւ թագաւորներու ու գաւառներու գանձեր դիզեցի։ Ինծի երգիչներ եւ երգչուհիներ ճարեցի Եւ մարդը զուարճացնող շատ հարճեր։ Ինծմէ առաջ Երուսաղէմի մէջ եղողներէն Ամենէն մեծը եղայ ու բարգաւաճեցայ։ Իմ աչքերուս ամէն ցանկութիւն անոնցմէ չարգիլեցի Ու իմ սիրտս ամէն տեսակ ուրախութենէ զուրկ չթողուցի։ Իմ սիրտս իմ բոլոր աշխատութիւններովս ուրախացաւ։ Իմ բոլոր աշխատութիւններուս վարձքը ասիկա էր։ Ու ես իմ ձեռքերուս ըրած բոլոր գործերուն Ու այդ գործերը ընելու համար իմ թափած աշխատանքիս նայեցայ Եւ ահա ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք էին Ու արեւուն տակ ոեւէ օգուտ չկար։ Ես դարձայ իմաստութիւնը տեսնելու, Նաեւ յիմարութիւնն ու անմտութիւնը, Վասն զի թագաւորին ետեւէն եկող մարդը ի՞նչ կրնայ ընել ։ Ինչ որ արդէն ըրած են։ Ուստի տեսայ թէ իմաստութիւնը անմտութենէն օգտակար է, Ինչպէս լոյսը խաւարէն օգտակար է։ Իմաստունին աչքերը իր գլխուն վրայ են, Իսկ անմիտը խաւարի մէջ կը քալէ. Բայց ես հասկցայ թէ Անոնց ամենուն պատահած դէպքը մէկ է։ Այն ատեն իմ սրտիս մէջ ըսի «Որովհետեւ անմիտին պատահածը ինծի ալ պիտի պատահի, Ուրեմն ես ինչո՞ւ համար աւելի իմաստուն եղայ». Այս պատճառով իմ սրտիս մէջ ըսի թէ այս ալ ունայնութիւն է։ Վասն զի ինչպէս անմիտին՝ նմանապէս իմաստունին Մնայուն յիշատակը չկայ։ Վասն զի հիմա եղած բոլոր բաները Ապագային պիտի մոռցուին։ Իմաստունը ի՞նչպէս կը մեռնի։ Անմիտին պէս։ Անոր համար այս կեանքէն զզուեցայ, Վասն զի արեւուն տակ եղած գործերը ինծի գէշ երեւցան, Քանզի ամէնքը ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են։ Ես արեւուն տակ քաշած բոլոր աշխատութենէս զզուեցայ, Քանզի ինծմէ ետքը գալու մարդուն պիտի թողում զանիկա։ Ո՛վ գիտէ թէ անիկա իմաստո՞ւն պիտի ըլլայ թէ անմիտ։ Բայց պիտի տիրէ իմ բոլոր աշխատութիւններուս վրայ, Որոնք արեւուն տակ կատարեցի, Որոնց մէջ իմաստութիւն ցուցուցի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։ Ես դարձայ, որպէս զի արեւուն տակ կատարած բոլոր աշխատանքիս վրայով Իմ սրտէս յոյսս կտրեմ։ Վասն զի մարդ կայ, որուն աշխատութիւնը Իմաստութեամբ, գիտութեամբ եւ յաջողութեամբ կ’ըլլայ, Բայց անկէ չաշխատող մարդուն իբրեւ բաժին կու տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու մեծ չարիք է։ Վասն զի մարդ արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքէն Ու սրտին տանջանքէն ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։ Քանզի անոր բոլոր օրերը՝ վիշտերով Ու գործը տրտմութեամբ լեցուն են։ Անոր սիրտը գիշերն անգամ հանգստութիւն չի գտներ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։ Մարդս ուտելէն ու խմելէն Եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի։ Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ։ Վասն զի ինծմէ զատ՝ ՝ ո՞վ կրնայ ուտել Եւ ո՞վ կրնայ զուարճանալ։ Քանզի Աստուած իր առջեւ հաճելի եղող մարդուն Իմաստութիւն, գիտութիւն եւ ուրախութիւն կու տայ, Բայց մեղաւորին զբաղում կու տայ, Որպէս զի անիկա ստացուածք հաւաքէ ու դիզէ, Որպէս զի Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողին տայ։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։ Ամէն բանի ատենը կայ Ու երկնքի տակ եղող ամէն գործի՝ ժամանակը։ Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ, Տնկելու ժամանակ ու տնկուածը խլելու ժամանակ, Մեռցնելու ժամանակ եւ բժշկելու ժամանակ, Փլցնելու ժամանակ ու շինելու ժամանակ, Լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ, Սուգ ընելու ժամանակ ու կաքաւելու ժամանակ, Քարեր դուրս նետելու ժամանակ ու քարեր հաւաքելու ժամանակ, Գրկելու ժամանակ ու գրկէ հեռացնելու ժամանակ, Փնտռելու ժամանակ եւ կորսնցնելու ժամանակ, Պատռելու ժամանակ եւ կարելու ժամանակ, Լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ, Սիրելու ժամանակ եւ ատելու ժամանակ, Պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ։ Աշխատողին՝ իր կատարած աշխատանքէն Ի՞նչ օգուտ կայ։ Տեսայ այն զբաղումը, որ Աստուած մարդոց որդիներուն տուաւ, Որպէս զի անով զբաղին։ Անիկա ամէն բան իր ժամանակին վայելուչ ըրաւ Եւ մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ. Բայց Աստուծոյ ըրած գործը Մարդ չի կրնար սկիզբէն մինչեւ վերջը հասկնալ։ Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէ Ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, Ուրիշ աղէկ բան չկայ անոնց մէջ։ Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը Եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է։ Գիտեմ թէ Աստուծոյ ամէն ըրածը յաւիտեան պիտի մնայ. Անոր վրայ բան մը աւելցնել կամ անկէ պակսեցնել կարելի չէ։ Աստուած անիկա ըրաւ, որպէս զի իր երեսէն վախնան։ Ինչ որ եղած է, հիմա ալ կայ Ու ինչ որ պիտի ըլլայ՝ արդէն եղած է։ Աստուած անցածը կը փնտռէ։ Ու նաեւ արեւուն տակ տեսայ, թէ բարեպաշտութեան տեղ՝ ամբարշտութիւն Եւ արդարութեան տեղ անօրէնութիւն կայ։ Ես իմ սրտիս մէջ ըսի թէ՝ Աստուած պիտի դատէ արդարն ու ամբարիշտը, Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն ու ամէն գործ իր ժամանակը ունի։ Ես իմ սրտիս մէջ ըսի՝ Մարդոց որդիներուն վիճակին վրայով՝ Թէ Աստուած զանոնք պիտի փորձէ Ու պիտի տեսնեն թէ իրենք անասուններ են։ Վասն զի մարդոց որդիներուն պատահածը Եւ անասուններուն պատահածը նոյնն են։ Մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի։ Ամենուն շունչը նոյնն է։ Մարդը անասունէն աւելի բան մը չունի, Վասն զի ամէն բան ունայնութիւն է։ Ամէնքը նոյն ըեղը կ’երթան։ Ամէն բան հողէն ելաւ ու ամէն բան հող պիտի դառնայ։ Ո՞վ գիտէ թէ մարդոց որդիներուն հոգիները վեր կ’ելլեն, Բայց անասուններուն ոգիները գետինը կ’իջնեն։ Տեսայ թէ մարդս իր գործերովը ուրախ ըլլալէ զատ Ուրիշ աղէկութիւն մը չունի, Քանզի անոր բաժինը այն է։ Ո՞վ պիտի տանի զանիկա, որ տեսնէ Թէ՝ իրմէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Ես դարձայ ու տեսայ Արեւուն տակ եղած բոլոր զրկանքները։ Զրկուածներուն աչքը արցունք կար, Բայց անոնք մխիթարող չունէին. Անոնց զրկանք ընողներուն ձեռքը ոյժ կար, Բայց անոնց մխիթարութիւն տուող չկար։ Ես խորհեցայ թէ՝ մեռածները, արդէն մեռածները, Հիմա ապրողներէն աւելի բաղդաւոր են։ Բայց ան որ մինչեւ հիմա եղած չէ, երկուքէն ալ՝ աւելի բաղդաւոր է, Վասն զի անիկա արեւուն տակ եղած չարութիւնը չտեսաւ։ Ու ես ամէն աշխատութիւն Եւ ամէն յաջող գործ տեսայ, Որոնց համար մարդ իր ընկերին կը նախանձի։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։ Անմիտը իր ձեռքերը կը ծալլէ Ու իր միսը կ’ուտէ։ Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, Քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է։ Ես դարձայ ու արեւուն տակ ունայնութիւն տեսայ։ Մարդ կայ, որ յաջորդ չունի, Ո՛չ զաւակ ունի եւ ո՛չ եղբայր. Բայց անոր բոլոր աշխատութիւնը վախճան չունի Ու անոր աչքերը հարստութեամբ չեն կշտանար Եւ չըսեր թէ ՝ «Ես որո՞ւ համար կ’աշխատիմ Ու իմ հոգիս բարիքէ կը զրկեմ»։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու չար զբաղում է։ Երկուքը մէկէն աղէկ է, Վասն զի անոնց աշխատանքը աղէկ վարձք ունի, Քանզի եթէ իյնան, մէկզմէկ կը վերցնեն։ Բայց վա՜յ իյնող մէկուն՝ Որ զինք վերցնող մը չունի։ Երկու մարդ մէկտեղ պառկելով կը տաքնան, Բայց մէկը ի՞նչպէս կրնայ տաքնալ երբ առանձինն է։ Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ, Երկուքը կրնան անոր դէմ դնել։ Երեքպատիկ դերձանը դիւրաւ չի կտրուիր։ Աղէկ է աղքատ ու իմաստուն տղան, Քան թէ ծեր ու անմիտ թագաւորը, Որ չի գիտեր խրատուիլ։ Քանզի մէկը բանտէն կ’ելլէ, որպէս զի թագաւորէ, Բայց ուրիշ մը, որ թագաւոր ծնած է, աղքատ կ’ըլլայ։ Տեսայ արեւուն տակ քալող բոլոր կենդանիները Այն տղուն հետ, որ թագաւորին երկրորդն էր Ու անոր տեղը պիտի անցնէր. Անոնց առջեւ կեցող՝ ՝ բոլոր ժողովուրդը անթիւ էր. Սակայն ետքը եկողներն ալ պիտի չուրախանան։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։ Երբ Աստուծոյ տունը երթաս, ոտքիդ զգուշութիւն ըրէ՛։ Աւելի մտիկ ընելու համար մօտեցիր, Քան թէ անմիտներու պէս զոհ մատուցանելու. Վասն զի անոնք չեն գիտեր թէ չարութիւն կ’ընեն։ Բերնովդ մի՛ աճապարեր, Թող քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ խօսելու չարտորայ. Քանզի Աստուած երկինքն է ու դուն երկրի վրայ ես, Անոր համար քու խօսքերդ քիչ թող ըլլան։ Վասն զի երազը շատ զբաղումէն յառաջ կու գայ Ու յիմարին ձայնը՝ շատ խօսքերէն։ Երբ Աստուծոյ ուխտ ընես, Զանիկա կատարելը մի՛ ուշացներ, Քանզի Աստուած անմիտներուն չի հաճիր։ Ըրած ուխտդ կատարէ՛։ Աղէկ է որ ուխտ չընես, Քան թէ ուխտ ընես ու չկատարես։ Թող մի՛ տար, որ քու բերանդ մարմնիդ մեղք գործել տայ Եւ հրեշտակին առջեւ մի՛ ըսեր թէ՝ սխալ եղաւ։ Ինչո՞ւ Աստուած քու խօսքիդ համար բարկանայ Ու ձեռքերուդ գործը աւրէ։ Վասն զի երազներուն շատութեանը մէջ Եւ խօսքերուն շատութեանը մէջ Ունայնութիւններ ալ կան. Բայց դուն Աստուծմէ վախցի՛ր։ Եթէ գաւառի մը մէջ աղքատին եղած զրկանքը Ու իրաւունքի եւ արդարութեան զրկուիլը տեսնես, Այս բանին վրայ մի՛ զարմանար. Վասն զի բարձրերուն վրայ Բարձր եղողը կը դիտէ Եւ անոնցմէ Բարձրը կայ։ Երկիրը ամենուն ալ օգտակար է. Թագաւորին անգամ արտէն ծառայութիւն կ’ըլլայ։ Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, Ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։ Երբ բարիքը շատնայ, Ուտողներն ալ կը շատնան. Ուրեմն զանիկա ունեցողներուն՝ Աչքով տեսնելէն զատ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ։ Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ Թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ Բայց հարուստին կուշտ ըլլալը՝ ՝ Չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ։ Արեւուն տակ տեսայ թէ գէշ ցաւ մը կայ, Այսինքն այն հարստութիւնը, որ իր տիրոջը ձախորդութեանը համար պահուած է։ Այն հարստութիւնը ձախորդ դիպուածով մը կը կորսուի Ու ինք տղայ կը ծնանի եւ անոր ձեռքը բան մը չըլլար։ Ինչպէս իր մօրը որովայնէն ելաւ, Այնպէս մերկ պիտի դառնայ։ Ինչպէս եկաւ, այնպէս պիտի երթայ Ու իր աշխատութենէն բան մը պիտի չառնէ որ իրեն հետ տանի։ Այս ալ գէշ ցաւ մըն է, Որ ինչպէս եկաւ, ճիշդ այնպէս պիտի երթայ Եւ ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ անոր, Որ հովի համար կ’աշխատի։ Անիկա իր բոլոր օրերը խաւարի մէջ կը սպառէ՝ Մեծ տրտմութեամբ, հիւանդութեամբ եւ սրտմտութեամբ։ Սակայն այս աղէկութիւնը տեսայ, Որ վայելուչ է ուտել ու խմել Եւ Աստուծոյ տուած կեանքին բոլոր օրերուն մէջ՝ Արեւուն տակ իր կատարած բոլոր աշխատանքին բարիքը վայլել, Վասն զի անոր բաժինը ասիկա է։ Ամէն մարդու, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք կու տայ, Անկէ ուտելու եւ բաժինը առնելու Ու իր աշխատանքէն ուրախանալու իշխանութիւնն ալ կու տայ։ Ասիկա Աստուծոյ պարգեւն է։ Քանզի անիկա իր կեանքին օրերը շատ չի յիշեր. Վասն զի Աստուած անոր սրտին ուրախութիւնովը անոր պատասխան կու տայ։ Արեւուն տակ տեսայ թէ չարիք մը կայ Ու անիկա մարդոց մէջ շատ կը գտնուի ։ Մարդ մը, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք եւ փառք կու տայ, Իր հոգիին ցանկացած ոեւէ բանէ պակասութիւն մը չ’ունենար, Բայց Աստուած անոր իշխանութիւն չի տար անկէ ուտելու. Հապա զանիկա օտար մարդ կ’ուտէ։ Այս ալ ունայնութիւն ու գէշ ցաւ մըն է։ Եթէ մարդ հարիւր զաւակ ծնանի Ու շատ տարիներ ապրի Եւ անոր հոգին բարութենէ չկշտանայ Եւ անիկա թաղում ալ չունենայ, Կ’ըսեմ թէ վիժածը անկէ աղէկ է։ Վասն զի ասիկա ունայնութեամբ եկաւ ու խաւարով գնաց Եւ անունը խաւարի մէջ ծածկուեցաւ։ Արեւն ալ չտեսաւ ու բան մը չգիտցաւ. Ասիկա միւսէն ի՞նչ բանով աւելի հանգիստ է։ Իսկ եթէ երկու հազար տարի ալ ապրի Ու աղէկութիւն չտեսնէ, Միթէ ամէնքը նոյն տեղը չե՞ն երթար։ Մարդուն բոլոր աշխատութիւնը իր բերնին համար է, Սակայն անոր հոգին չի կշտանար։ Քանզի իմաստունը անմիտէն աւելի ի՞նչ բան ունի. Ապրողներուն մէջ քալել գիտցող աղքատը ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։ Աչքերով տեսնելը հոգիով փափաքելէն աղէկ է։ Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։ Ինչ որ եղաւ, արդէն անոր անուն դրուած է Եւ յայտնի է թէ մարդ է Ու անիկա իրմէ Զօրաւորին հետ վիճելու կարող չէ։ Որովհետեւ ունայնութիւն շատցնող շատ բաներ կան, Մարդուն ի՞նչ կը մնայ։ Քանզի ո՞վ գիտէ թէ ո՛ր բանը աղէկ է կենդանի մարդուն՝ Ստուերի պէս անցուցած իր ունայն կեանքին բոլոր օրերուն մէջ. Վասն զի մարդուն ո՞վ պիտի յայտնէ՝ Թէ իրմէ ետքը արեւուն տակ ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն Ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է։ Սուգի տուն երթալը Կոչունքի տուն երթալէն աղէկ է. Վասն զի ամէն մարդու վախճանը այն է Ու կենդանի եղողը զանիկա իր սրտին մէջ պէտք է պահէ։ Տրտմութիւնը ծիծաղելէն աղէկ է, Վասն զի երեսին տրտմութիւնովը սիրտը կը զուարճանայ։ Իմաստուններուն սիրտը՝ սուգի տուն, Իսկ յիմարներուն սիրտը ուրախութեան տուն կ’ըլլայ։ Իմաստունին յանդիմանութիւնը լսելը Յիմարներուն երգը լսելէն աղէկ է։ Վասն զի ինչպէս է փուշերուն ձայնը կաթսային տակ, Յիմարներուն ծիծաղն ալ այնպէս է։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։ Իրաւ որ բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ Ու կաշառքը մարդուն սիրտը կ’ապականէ։ Բանի մը վախճանը սկիզբէն աղէկ է Ու երկայնամիտ ոգին հպարտ ոգիէն աղէկ է։ Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, Քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի։ Մի՛ ըսեր՝ «Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին», Վասն զի այս բանին համար ըրած հարցումդ իմաստութեամբ չէ։ Իմաստութիւնը ժառանգութեան պէս աղէկ է Ու արեւը տեսնողներուն օգտակար է։ Վասն զի իմաստութեան հովանաւորութիւնը Արծաթին հովանաւորութեան պէս է։ Բայց գիտութեան օգուտն այս է, Որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ։ Աստուծոյ գործին նայէ, Վասն զի անոր ծռածը ո՞վ կրնայ շտկել։ Աղէկ օրը աղէկութեամբ անցուր Ու գէշ օրը զգուշութիւն ըրէ։ Աստուած իրարու առջեւ դրաւ ասոնք, Որպէս զի մարդ իրմէ ետքը բան մը չգտնէ։ Իմ ունայն կեանքիս մէջ ամէն բան տեսայ Արդար կայ, որ իր արդարութեանը մէջ կը կորսուի Եւ ամբարիշտ կայ, որ իր ամբարշտութեանը մէջ իր կեանքը կ’երկնցնէ։ Խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար։ Ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի՛ կարծեր։ Խիստ ամբարիշտ մի՛ ըլլար ու յիմար մի՛ ըլլար. Ինչո՞ւ համար ատենդ չեկած մեռնիս։ Աղէկ է, որ մէկը բռնես ու միւսէն ալ ձեռքդ չքաշես, Վասն զի Աստուծմէ վախցողը ամենէն ապահով կ’ելլէ։ Իմաստութիւնը աւելի ոյժ կու տայ իմաստունին, Քան թէ քաղաքի մը մէջ եղող տասը իշխան՝ այն քաղաքին ։ Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, Որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ։ Արդ քու սիրտդ ամէն խօսուած խօսքերուն մի՛ տար, Որպէս զի քու ծառայիդ անէծք տալը չլսես. Վասն զի քու սիրտդ գիտէ թէ Դուն ալ շատ անգամ ուրիշներուն անէծք տուած ես։ Ասոնց ամէնքը իմաստութեամբ փորձեցի Եւ ըսի՝ «Ես իմաստուն պիտի ըլլամ»։ Բայց անիկա ինծմէ հեռու էր։ Ինչ որ հեռուն է Ու խիստ խորունկ եղածը ո՞վ կրնայ գտնել։ Ես իմ սրտովս պտըտեցայ, որպէս զի գիտնամ եւ քննեմ Ու փնտռեմ իմաստութիւնն ու հանճարը Եւ յիմարութեան չարութիւնը Ու անմտութիւնը եւ խենդութիւնը։ Ես մահուանէն աւելի դառն գտայ այն կինը, Որուն սրտին մէջ ցանցեր եւ ուռկաններ Ու ձեռքերուն մէջ կապանքներ կան։ Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողը անկէ կ’ազատի, Բայց մեղաւորը անկէ կը բռնուի։ Ահա ասիկա գտայ, կ’ըսէ Ժողովողը, Մէկիկ մէկիկ համրելով ՝ հաշիւը գտնելու համար. (Որ հոգիս տակաւին կը փնտռէ, Բայց չեմ կրնար գտնել)։ Այր մարդ՝ հազարէն մէկը գտայ, Բայց բոլոր ասոնց մէջ մէկ կին չգտայ։ Ահա միայն ասիկա գտայ՝ Թէ Աստուած մարդը ուղիղ ստեղծեց, Բայց անոնք շատ հնարքներ փնտռեցին։ Իմաստունին պէս ո՞վ կայ Ու խօսքի մեկնութիւնը ո՞վ գիտէ։ Մարդուն իմաստութիւնը անոր երեսը կը փայլեցնէ Ու երեսին պնդութիւնը կը փոխուի։ Թագաւորին հրամանը կատարէ Աստուծոյ ուխտին համաձայն։ Անոր առջեւէն ելլելու մի՛ արտորար, Չար գործի մէջ մի՛ կենար, Վասն զի անիկա ինչ որ ուզէ՝ կ’ընէ։ Ուր որ թագաւորին խօսքը կայ, հոն իշխանութիւն կայ. Ու ո՞վ կրնայ անոր ըսել՝ «Ի՞նչ կ’ընես»։ Պատուիրանքը պահողը չարիքի չի հանդիպիր Եւ իմաստունին միտքը ժամանակն ու ճամբան գիտէ։ Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն իր ժամանակն ու յարմարութիւնը ունի, Քանզի մարդուն վրայ շատ նեղութիւն կու գայ։ Վասն զի անիկա ըլլալիքը չի գիտեր Եւ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր թէ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։ Հոգիին վրայ իշխող մարդ չկայ, որ հոգին արգիլէ։ Մահուան օրուանը վրայ տիրող չկայ. Պատերազմին մէջ արձակում չկայ Ու ամբարշտութիւնը իրեն հետեւողները չ’ազատեր։ Ասոնց ամէնքը տեսայ Ու արեւուն տակ եղող ամէն գործի իմ սիրտս տուի։ Ատեն կայ, երբ մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ Իրեն թշուառութեան համար։ Տեսայ ամբարիշտներ, Որոնք թաղուեցան գացին ու սուրբ տեղէն ելան Եւ մոռցուեցան այն քաղաքին մէջ, ուր այսպէս բաներ ըրին։ Այս ալ ունայնութիւն է։ Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, Այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է։ Թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէ Ու անոր կեանքը երկննայ ալ, Ամէն պարագայի ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝ Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ, Բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ։ Անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ. Վասն զի Աստուծոյ երեսէն չի վախնար։ Ունայնութիւն մը կայ, որ աշխարհիս վրայ կ’ըլլայ, Այսինքն արդարներ կան, որոնց ամբարիշտներուն գործին պէս կը պատահի Ու ամբարիշտներ ալ կան, որոնց արդարներուն գործին պէս կը պատահի։ Ըսի թէ՝ «Այս ալ ունայնութիւն է»։ Ես ուրախութիւնը գովեցի, Վասն զի մարդ արեւուն տակ Ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ Աղէկ բան մը չունի։ Վասն զի արեւուն տակ Աստուծոյ տուած կեանքին օրերուն մէջ Իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն։ Երբ ես իմ սիրտս տուի իմաստութիւնը գիտնալու Ու երկրի վրայ եղած զբաղումները տեսնելու (Վասն զի թէ՛ ցորեկ եւ թէ՛ գիշեր Իր աչքը քուն չտեսնող մարդ կայ)։ Այն ատեն Աստուծոյ բոլոր գործերէն հասկցայ, Թէ մարդ չի կրնար գտնել այն գործը, որ արեւուն տակ կ’ըլլայ. Վասն զի մարդ կ’աշխատի փնտռելու, բայց չի գտներ Ու թէեւ իմաստունն ալ «Գիտեմ» ըսէ՝ գտնելու կարող չըլլար։ Վասն զի բոլորը իմ սրտիս մէջ դրի, Որ բոլորը զննեմ եւ յիշեցի Թէ արդարները եւ իմաստուններն ու անոնց գործերը Աստուծոյ ձեռքին մէջ են։ Մարդ չի գիտեր՝ թէ սէրը եւ ատելութիւնը, Ամէն բան անոնց առջեւ է։ Ամէն բան ամենուն հաւասարապէս կը պատահի. Արդարին ու ամբարշտին, Բարի մարդուն, մաքուրին ու անմաքուրին, Զոհ ընողին ու զոհ չընողին Պատահածը նոյնն է։ Ինչպէս է բարի մարդը, մեղաւորն ալ այնպէս է։ Երդում ընողը՝ երդումէ վախցողին պէս է։ Արեւուն տակ եղած բոլոր գործերուն մէջ գէշ բանը այս է, Որ ամենուն պատահածը նոյնն է։ Մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութեամբ լեցուած ըլլալով՝ Իրենց կենդանութեան ատենը իրենց սրտին մէջ խենդութիւն կայ, Անկէ յետոյ պիտի մեռնին։ Բայց բոլոր կենդանիներուն ընկերացող մարդը յոյս ունի, Վասն զի ողջ շունը մեռած առիւծէն աղէկ է։ Որովհետեւ անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. Բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր Ու ալ վարձք մը չեն առներ. Վասն զի անոնց յիշատակը մոռցուեցաւ։ Թէ՛ անոնց սէրը, թէ՛ ատելութիւնը Եւ թէ՛ նախանձը արդէն կորսուեցան Ու անոնք արեւուն տակ եղող բաներէն Ա՛լ յաւիտեան բաժին չունին։ Գնա՛ հացդ ուրախութեամբ կե՛ր Ու գինիդ ուրախ սրտով խմէ՛, Վասն զի Աստուած քու գործերուդ հաւնեցաւ։ Հանդերձներդ ամէն ատեն ճերմակ թող ըլլան Ու գլխուդ վրայէն իւղը պակաս թող չըլլայ։ Քու սիրած կնոջդ հետ կեանքը վայլէ Քու ունայն կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ, Որ Աստուած քեզի տուաւ արեւուն տակ, Բոլոր ունայն օրերուդ մէջ։ Վասն զի այս կեանքին մէջ քու բաժինդ անիկա է Արեւուն տակ կատարած աշխատանքէդ։ Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, Բոլոր ուժովդ ըրէ, Քանզի գերեզմանիդ մէջ Գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ։ Դարձայ ու արեւուն տակ տեսայ, Թէ ճամբան վազողներունը չէ, Պատերազմը զօրաւորներունը չէ Նաեւ հացը իմաստուններունը չէ, Հարստութիւնն ալ հանճարեղներունը չէ, Նաեւ շնորհքը գիտուններունը չէ. Հապա ժամանակ ու դիպուած կը պատահին ամենուն։ Վասն զի ժամանակն անգամ չի գիտեր։ Ինչպէս ձուկերը չար ուռկանով կը բռնուին Եւ թռչունները ծուղակի մէջ կը բռնուին, Նոյնպէս մարդոց որդիներն ալ որոգայթի մէջ կ’իյնան, Երբ չար ժամանակը յանկարծ անոնց վրայ գայ։ Արեւուն տակ այս իմաստութիւնն ալ տեսայ։ Անիկա ինծի մեծ երեւցաւ. Պզտիկ քաղաքին վրայ, որուն մէջ քիչ մարդ կար, Մեծ թագաւոր մը եկաւ ու զանիկա պաշարեց Եւ անոր դէմ մեծ պատնէշներ շինեց Ու անոր մէջ աղքատ իմաստուն մը գտնուեցաւ Եւ անիկա իր իմաստութիւնովը քաղաքը ազատեց, Բայց այդ աղքատ մարդը բնաւ յիշող մը չեղաւ։ Այն ատեն ըսի թէ՝ Իմաստութիւնը ուժէն աղէկ է, Թէեւ աղքատին իմաստութիւնը կ’անարգեն Ու անոր խօսքերուն մտիկ չեն ըներ։ Իմաստուններուն մեղմ խօսքերը Յիմարներուն մէջ իշխան եղողին աղաղակէն աղէկ կը լսուին։ Իմաստութիւնը պատերազմական զէնքերէն աղէկ է, Բայց մէկ մեղաւորը շատ բարիքներու կորուստին պատճառ կ’ըլլայ։ Մեռած ճանճերը իւղագործին իւղը գարշահոտ կ’ընեն։ Քիչ մը անմտութիւնն ալ իմաստութեամբ եւ պատուով երեւելի սեպուած մարդը այնպէս կ’ընէ ՝ ՝։ Իմաստունին սիրտը իր աջ կողմն է, Իսկ անմիտին սիրտը իր ձախ կողմն է։ Անմիտ մարդը ճամբան քալելու ատենն ալ՝ Խելքը պակաս ըլլալուն համար՝ իր յիմար ըլլալը ամենուն կը յայտնէ։ Եթէ իշխանին բարկութիւնը քեզի դէմ ելլէ, Քու տեղդ մի՛ ձգեր, Վասն զի քաղցրութիւնը մեծ յանցանքները կը դադրեցնէ։ Արեւուն տակ չարութիւն մըն ալ տեսայ, Որպէս թէ իշխանին երեսէն ելած անխոհեմութիւն մը ըլլար։ Անմտութիւնը խիստ բարձր տեղերու վրայ կը դրուի Ու հարուստները ցած տեղ մը կը նստին։ Տեսայ ծառաներ, որոնք ձիերու վրայ հեծեր էին Եւ իշխաններ, որոնք հետիոտն կը քալէին։ Փոս փորողը ինք անոր մէջ կ’իյնայ Ու օձը կը խածնէ ցանկ քակողը։ Քարեր կտրողը անոնցմէ կը վնասուի Եւ փայտ ճեղքողը անկէ վտանգի մէջ կ’իյնայ։ Եթէ երկաթը բթացած է ու անոր բերանը չոր է, Այն ատեն մարդը իր ոյժը կրկնապատկելու է. Բայց իմաստութիւնը կ’օգնէ, որ յաջողի։ Եթէ օձը թովելէն առաջ խածնէ, Այն ատեն թովիչը օգուտ մը չունենար։ Իմաստունին բերնին խօսքերը շնորհալի են, Բայց անմիտին շրթունքները զինք կ’սպառեն։ Անոր բերնին խօսքերուն սկզբնաւորութիւնը անմտութիւն է Ու անոր խօսքին վերջը կատաղի խենդութիւն է։ Յիմարը իր խօսքերը կը շատցնէ։ Մարդ ինչ ըլլալիքը չի գիտեր։ Անոր ո՞վ պիտի յայտնէ Թէ անկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Յիմարներուն աշխատանքը զիրենք կը յոգնեցնէ, Քաղաքին ճամբան չգիտցողին պէս ։ Վա՜յ քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ մանուկ է Ու իշխաններդ առտուն կերակուր կ’ուտեն։ Երա՜նի քեզի, երկի՛ր, երբ քու թագաւորդ ազնուազարմ է Եւ քու իշխաններդ ժամանակին կ’ուտեն՝ Ուժի համար եւ ո՛չ թէ գինովութեան համար։ Ծուլութիւնով շէնքը կը փլչի Եւ ձեռքերու թուլութիւնով տունը կը կաթի։ Կոչունքը ծիծաղելու համար կ’ընէն Ու գինին կեանքը կ’ուրախացնէ. Իսկ արծաթը ամէն բան կը գոհացնէ։ Մտքիդ մէջ անգամ թագաւորին անէծք մի՛ տար Եւ քու ննջարանիդ մէջ մեծերուն անէծք մի՛ տար. Վասն զի երկնքի թռչունը այդ ձայնը կը տանի Ու թեւաւորը խօսքը կը պատմէ։ Քու հացդ ջուրերու երեսին վրայ ձգէ, Վասն զի շատ օրերէն ետքը զանիկա պիտի գտնես։ Եօթնին եւ ութին ալ բաժին տուր, Վասն զի չես գիտեր թէ երկրի վրայ ի՛նչ պատուհաս պիտի գայ։ Եթէ ամպերը լեցուն ըլլան, Երկրի վրայ անձրեւ կը թափեն։ Երբ ծառ մը դէպի հարաւ կամ դէպի հիւսիս իյնայ, Այն ծառը ինկած տեղը կը մնայ։ Հովը դիտողը չի կրնար ցանել Եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել։ Ինչպէս դուն հովին ճամբան ո՛րն ըլլալը Ու յղիին որովայնին մէջ ոսկորներուն ի՛նչպէս կազմուիլը չես գիտեր, Նոյնպէս ամենաստեղծ Աստուծոյն գործը չես գիտեր։ Առտուն քու սերմդ ցանէ Եւ իրիկունը քու ձեռքդ պարապ մի՛ թողուր. Վասն զի չես գիտեր թէ ո՞րը օգտակար պիտի ըլլայ՝ Ա՞յս թէ այն, Կամ թէ երկուքը հաւասարապէս աղէկ պիտի ըլլան։ Իրաւ որ լոյսը քաղցր է Ու արեւը տեսնելը աչքերու ախորժելի է։ Թէեւ մարդ մը շատ տարի ապրի Ու անոնց ամենուն մէջ ուրախանայ, Խաւարի օրերն ալ յիշելու է, Վասն զի անոնք շատ պիտի ըլլան։ Բոլոր գալիքը ունայնութիւն է։ Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր Ու երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ Եւ քու սրտիդ ճամբաներովը Ու աչքերուդ նայուածքով քալէ. Բայց գիտցիր թէ ասոնց ամենուն համար Աստուած քեզ դատաստանի պիտի կանչէ։ Քու սրտէդ տրտմութիւնը վերցո՛ւր Ու մարմնէդ չարութիւնը հեռացո՛ւր, Վասն զի մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնն ալ ունայնութիւն են։ Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեան օրերուն մէջ յիշէ, Դեռ թշուառութեան օրերը չեկած Ու այն տարիները չհասած, Որոնց մէջ պիտի ըսես՝ «Անոնց չեմ հաւնիր», Արեւը, լոյսը, լուսինն ու աստղերը չխաւարած Ու անձրեւին ետեւէն ամպերը չդարձած։ Այն օրը որ տանը պահապանները պիտի դողան Ու զօրաւոր մարդիկը պիտի ծռին Եւ աղացողները քիչ մնալնուն համար պիտի դադարին Ու պատուհաններէն նայողները պիտի մթննան Ու երբ աղօրիքին ձայնը տկարանայ, Փողոցներուն մէջ դռները պիտի գոցուին, Եւ թռչունի ձայնով պիտի արթննան Ու բոլոր երգող աղջիկները նկուն պիտի ըլլան։ Բարձրէն պիտի վախնան, Ճամբուն մէջ վախկոտ պիտի ըլլան։ Եւ նշենին պիտի ծաղկի Ու մարախը ծանրութիւն պիտի սեպուի Եւ ախորժակը պիտի դադարի. Վասն զի մարդ իր յաւիտենական տունը կ’երթայ Ու լացողները փողոցներուն մէջ պիտի շրջին։ Դեռ արծաթէ թելը չփրթած, Ոսկիէ բաժակը չկոտրած, Սափորը աղբիւրին քով չփշրուած Ու ջրհորին վրայի անիւը չկոտրուած։ Այն ատեն հողը երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս Ու հոգին Աստուծոյ պիտի դառնայ, որ զանիկա տուաւ։ Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ Ժողովողը, Ամէն բան ունայնութիւն է։ Որչափ որ Ժողովողը իմաստուն էր, Այնչափ ալ ժողովուրդին գիտութիւն սորվեցուց։ Խորհելով ու քննելով Շատ առակներ շարադրեց։ Ժողովողը փնտռեց, որ ախորժելի խօսքեր գտնէ։ Գրուածը ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր են։ Իմաստուններուն խօսքերը խթաններու պէս են Ու ժողովներու տէրերէն գամուած բեւեռներու պէս՝ մէկ հովիւէ տրուած։ Վերջապէս, որդեա՛կ իմ, անոնցմէ խրատ ա՛ռ։ Շատ գիրք շինելը ծայր չունի Ու շատ կարդալը մարմինը կը յոգնեցնէ։ Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, Վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է։ Քանզի Աստուած ամէն գործ, Ամէն ծածուկ բաներու հետ, Թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարը դատաստանի պիտի բերէ։ Երգ երգոց Սողոմոնի։ Քու բերանիդ համբոյրներովը համբուրէ զիս, Վասն զի քու սէրդ գինիէն աղէկ է։ Քու իւղերուդ հոտը ախորժելի է, Քու անունդ թափուած իւղի պէս է, Անոր համար օրիորդները քեզ կը սիրեն։ Զիս քաշէ ու քու ետեւէդ պիտի վազեմ։ Թագաւորը իր ներքին սենեակները տարաւ զիս։ Քեզի հետ ցնծանք եւ ուրախանանք, Քու սէրդ գինիէն աւելի գովենք։ Քեզ ուղղութեամբ կը սիրեն։ Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ, Կեդարի վրաններու պէս, Սողոմոնին վարագոյրներուն պէս։ Իմ սեւցած ըլլալուս մի՛ նայիք, Վասն զի արեւը զիս տեսաւ։ Իմ մօրս որդիները ինծի սրդողեցան, Զիս այգիներու պահապան ըրին, Բայց իմ այգիիս պահպանութիւն չըրի։ Պատմէ՛ ինծի, ո՛վ հոգիիս սիրածը, Քու հօտդ ո՞ւր կ’արածես։ Կէսօրին ո՞ւր կը պառկեցնես։ Քու ընկերներուդ հօտերուն քով Ինչո՞ւ թափառականի պէս ըլլամ։ Եթէ դուն չես գիտեր, ո՛վ կիներուն գեղեցիկը, Հօտերուն շաւիղներէն գնա՛ Ու հովիւներուն վրաններուն քով քու ուլերդ արածէ։ Փարաւոնին կառքերուն լծուած ձիերուն նմանցուցի քեզ, ո՛վ իմ սիրուհիս։ Քու այտերդ զարդերով գեղեցիկ են Եւ քու պարանոցդ՝ քառամանեակներով։ Քեզի ոսկեղէն զարդեր պիտի շինենք Արծաթէ կիտուածներով։ Երբ թագաւորը սեղանն էր, Իմ նարդոսս իր հոտը բուրեց։ Իմ սիրականս ինծի ստաշխի ծրարին պէս է, Գիշերը իմ ստինքներուս մէջ պիտի հանգչի։ Իմ սիրականս հինայի ողկոյզին պէս է ինծի Ենգադդիի այգիներուն մէջ։ Ահա գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս, Ահա գեղեցիկ ես. քու աչքերդ աղաւնիներու աչքերուն նման են։ Ո՛վ իմ սիրականս, ահա գեղեցիկ ես ու վայելուչ Եւ մեր անկողինը կանանչ է։ Մեր տուներուն գերանները եղեւնափայտէ են Ու մեր առիքները մայրի փայտէ են։ Ես Սարօնին ծաղիկն եմ Ու հովիտներուն շուշանը։ Ինչպէս շուշանը փուշերուն մէջ, Այնպէս է իմ սիրուհիս աղջիկներուն մէջ։ Ինչպէս խնձորենին անտառի ծառերուն մէջ, Այնպէս է իմ սիրականս երիտասարդներուն մէջ։ Անոր հովանիին տակ ախորժելով նստայ Ու անոր պտուղը իմ քիմքիս քաղցր է։ Զիս խնճոյքին տունը բերաւ։ Անոր դրօշը իմ վրաս սէր էր։ Զիս կարկանդակներով զօրացուցէ՛ք, Զիս խնձորներով ուժովցուցէ՛ք, Վասն զի ես սիրով կը նուաղիմ։ Անոր ձախ ձեռքը իմ գլխուս տակ ըլլայ Ու աջ ձեռքը զիս գրկէ։ Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ձեզ այծեամներով կամ դաշտի եղնիկներով կ’երդմնցնեմ, Որ սիրուհիս չվերցնէք ու չարթնցնէք, Մինչեւ որ ինք ուզէ։ Իմ սիրականիս ձայնն է։ Ահա անիկա լեռներուն վրայէն ցատկելով Ու բլուրներուն վրայէն ցատկռտելով կու գայ։ Իմ սիրականս այծեամի կամ եղնիկի ձագի կը նմանի։ Ահա հիմա մեր պատին ետեւը կայներ է, Պատուհաններէն կը նայի, Վանդակներէն կ’երեւնայ։ Իմ սիրականս պատասխան տալով՝ ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, ո՛վ սիրուհիս, ո՛վ գեղեցիկս ու եկո՛ւր. Քանզի ահա ձմեռը անցաւ, Անձրեւները անցան գացին։ Գետնին վրայ ծաղիկներ կ’երեւնան, Յօտելու ժամանակը հասաւ Ու մեր երկրին վրայ տատրակին ձայնը կը լսուի։ Ահա թզենին իր թուզերը կը հասունցնէ Ու որթատունկերը ծաղկեցան եւ իրենց հոտը կու տան։ Ելի՛ր, ո՛վ սիրուհիս, ո՛վ գեղեցիկս ու եկո՛ւր։ Ո՛վ իմ աղաւնիս, վէմին խոռոչներուն մէջ, Ապառաժին հովանիին տակ եկուր ։ Երեսդ ցուցո՛ւր ինծի, թող ձայնդ լսեմ, Քանզի ձայնդ քաղցր ու դէմքդ գեղեցիկ է։ Բռնեցէ՛ք մեզի աղուէսները՝ Վասն զի մեր այգիները ծաղկեր են։ Իմ սիրականս իմս է ու ես անո՛րն եմ։ Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։ Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած՝ Դարձի՛ր, ո՛վ իմ սիրականս Ու Բեթերի լեռներուն վրայի այծեամին պէս Կամ եղնիկներու ձագին պէս եղիր։ Իմ հոգիիս սիրածը Գիշերը մահիճիս մէջ փնտռեցի, Զանիկա փնտռեցի բայց չգտայ։ Ելլեմ հիմա պտըտիմ քաղաքին մէջ, Փողոցներուն ու հրապարակներուն մէջ, Իմ հոգիիս սիրածը փնտռեմ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։ Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան։ «Արդեօք իմ հոգիիս սիրածը տեսա՞ք», ըսի ։ Անոնցմէ քիչ մը առաջ անցնելով, Իմ հոգիիս սիրածը գտայ։ Զանիկա բռնեցի ու չթողուցի, Մինչեւ որ իմ մօրս տունը Ու զիս ծնանողին սենեակը տարի։ Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, Ձեզ այծեամներով կամ դաշտին եղնիկներովը կ’երդմնցնեմ, Որ սիրուհիս չվերցնէք ու չարթնցնէք՝ Մինչեւ որ ինք ուզէ։ Ո՞վ է ասիկա, որ զմուռսով եւ կնդրուկով Ու փերեզակներուն ամէն տեսակ փոշիովը խնկուած՝ Անապատէն կ’ելլէ ծուխի սիւներու պէս։ Ահա Սողոմոնին գահոյքը, Որուն բոլորտիքը Իսրայէլի զօրաւոր մարդոցմէ Վաթսուն զօրաւոր մարդ կայ։ Ամէնքն ալ սուսերաւոր Ու պատերազմի վարժուած են։ Գիշերուան վախին համար՝ Ամէն մէկուն սուրը իր ազդրին վրայ է։ Սողոմոն թագաւորը Լիբանանի ծառերէն Գահաւորակ մը շինեց իրեն համար։ Սիւները՝ արծաթէ, յենարանները՝ ոսկիէ, Բազմոցը ծիրանիէ շինեց, Որուն մէջ Երուսաղէմի աղջիկները Խիստ գեղեցիկ՝ ՝ ասեղնագործած էին։ Ո՜վ Սիօնի աղջիկներ, ելէ՛ք Եւ Սողոմոն թագաւորը տեսէ՛ք Այն թագովը, որով իր մայրը՝ անոր փեսայութեան օրը Ու սրտին ուրախութեան օրը՝ պսակեց զանիկա։ Ահա դուն գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս, Ահա դուն գեղեցիկ ես։ Լաչակիդ մէջէն քու աչքերդ աղաւնիներ ու աչքերուն նման են. Քու մազերդ Գաղաադ լեռը պառկող՝ ՝ այծերուն հօտին պէս են։ Ակռաներդ լուացարանէն ելլող խուզուած մաքիի հօտի պէս են, Որոնք՝ բոլորն ալ՝ երկուորեակ կը ծնանին Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։ Քու շրթունքներդ կարմիր դերձանի պէս են Ու խօսուածքդ գեղեցիկ է։ Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի կտորներու կը նմանին։ Քու պարանոցդ զինարանի համար շինուած Դաւիթին աշտարակին պէս է, Ուր հազար ասպար կախուած են. Ամէնքն ալ զօրաւորներու վահաններ են։ Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու, Որոնք այծեամի մը ծնած երկուորեակներն են Եւ շուշաններու մէջ կ’արածին։ Օրուան հովը չփչած ու ստուերները չհեռացած, Ես զմուռսի լեռն ու կնդրուկի բլուրը պիտի երթամ։ Բոլորովին գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս Եւ քու վրադ արատ չկայ։ Ո՛վ իմ հարսս, ինծի հետ Լիբանանէն եկո՛ւր, Ինծի հետ Լիբանանէն եկո՛ւր. Ամանայի գագաթէն, Սանիրի ու Հերմոնի գագաթէն, Առիւծներու մորիներէն ու ինձերու լեռներէն նայէ։ Սիրտս առիր, ո՛վ իմ հարս քոյրս, Սիրտս առիր քու մէկ աչքովդ Եւ պարանոցիդ մէկ քառամանեակովը։ Քու սէրդ ի՜նչ գեղեցիկ է, ո՛վ հարս քոյրս. Քու սէրդ գինիէն աղէկ է Ու քու իւղերուդ անուշահոտութիւնը՝ Բոլոր խունկերէն։ Շրթունքներէդ խորիսխի մեղր կը կաթի, ո՛վ իմ հարսս, Լեզուիդ տակ մեղր ու կաթ կայ։ Քու զգեստներուդ անուշահոտութիւնը Լիբանանի հոտին պէս է։ Իմ հարս քոյրս փակեալ պարտէզ մըն է, Փակեալ աղբիւր ու կնքուած աղբերակ մըն է։ Քու տունկերդ քաղցրահամ պտուղներով, Հինաներով ու նարդոսներով՝ նռնենիներու դրախտ են։ Նարդոս եւ քրքում, եղէգն ու կինամոն, Ամէն տեսակ կնդրուկի ծառով, զմուռսով ու հալուէով Եւ բոլոր գլխաւոր խունկերով։ Պարտէզներու աղբիւր, Կենդանի ջուրի ջրհոր Ու Լիբանանէն վազած հեղեղներ։ Արթնցի՛ր, ո՛վ հիւսիս, եկո՛ւր, ո՛վ հարաւ, Իմ պարտէզիս մէջ փչէ, որպէս զի անոր խունկերը բուրեն։ Իմ սիրականս թող իր պարտէզը գայ Ու իրեն ախորժելի պտուղները ուտէ։ Իմ պարտէզս եկայ, ո՛վ հարս քոյրս, Իմ զմուռսս խունկերուս հետ հաւաքեցի, Իմ խորիսխս մեղրիս հետ կերայ, Իմ գինիս կաթովս խմեցի։ Կերէ՛ք, ո՛վ բարեկամներ, Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք, ո՛վ սիրելիներ։ Ես կը քնանամ, բայց իմ սիրտս արթուն է։ Ահա իմ սիրականիս ձայնն է, դուռը կը զարնէ ու կ’ըսէ. «Ո՛վ իմ քոյրս, իմ սիրուհիս, Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, բաց ինծի, Քանզի իմ գլուխս ցօղով լեցուեցաւ Ու վարսերս՝ գիշերուան շաղերով»։ Իմ պատմուճանս հաներ եմ, Զանիկա ի՞նչպէս հագնիմ։ Ոտքերս լուացեր եմ, Զանոնք ի՞նչպէս աղտոտեմ։ Իմ սիրականս իր ձեռքը ծակէն երկնցուց Ու անոր համար իմ աղիքս գալարուեցաւ։ Ես ելայ, որ իմ սիրականիս բանամ դուռը Ու ձեռքերէս զմուռս ու իմ մատերէս ընտիր զմուռս կաթեցին՝ Փականքը բռնելու տեղին վրայ։ Ես իմ սիրականիս բացի, Բայց իմ սիրականս քաշուեր գացեր էր։ Երբ անիկա կը խօսէր, իմ հոգիս նուաղեցաւ։ Զանիկա փնտռեցի, բայց չգտայ։ Զանիկա կանչեցի, բայց ինծի պատասխան չտուաւ։ Քաղաքին մէջ պտըտող պահապանները զիս գտան, Զարկին վիրաւորեցին զիս։ Պարսպին պահապնները քօղս վրայէս վերցուցին։ Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնցնեմ, Եթէ իմ սիրականս գտնէք, Անոր ըսէք, թէ ես իր սիրով կը նուաղիմ։ Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը, Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի. Քու սիրականդ ուրիշ սիրականէ ի՞նչ տարբերութիւն ունի, Որ մեզ այդպէս կ’երդմնցնես։ Իմ սիրականս սպիտակ ու կարմիր է, Տասը հազարի մէջ երեւելի է։ Անոր գլուխը զուտ ոսկի է, Վարսերը ցրուած ու ագռաւի պէս սեւ են։ Աչքերը՝ վազող ջուրերու քով Կաթով լուացուած աղաւնիներու աչքերուն կը նմանին, Գամուած գոհարներու պէս են։ Անոր այտերը համեմներու ածուին Եւ անուշահոտ ծաղիկներու թաղարներու պէս են. Շրթունքները զմուռս կաթող շուշաններ են. Ձեռքերը ոսկի մատնիներ են՝ Թարսիսի քարերով լեցուած։ Որովայնը բանուած փղոսկր է՝ Շափիւղաներով ծածկուած։ Սրունքները մարմարէ սիւներ են՝ Ընտիր ոսկի խարիսխներու վրայ հաստատուած։ Կերպարանքը՝ Լիբանանի պէս, Եղեւիններուն պէս ընտիր է։ Անոր քիմքը՝ քաղցր Ու ինք ամբողջ ցանկալի է։ Ահա այսպէս է իմ սիրականս, այսպէս է իմ բարեկամս, Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ։ Քու սիրականդ ո՞ւր գնաց, Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը։ Քու սիրականդ ո՞ւր դարձաւ, Որ զանիկա քեզի հետ փնտռենք։ Իմ սիրականս իր պարտէզը՝ Համեմներու ածուները իջաւ, Որպէս զի պարտէզներու մէջ իր հօտը արածէ Ու շուշաններ հաւաքէ։ Ես իմ սիրականիսն եմ Եւ իմ սիրականս իմս է. Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ։ Թերսայի պէս գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս. Երուսաղէմի պէս հաճելի ես Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու ես։ Աչքերդ ինծմէ դարձուր, Վասն զի անոնք ինծի յաղթեցին։ Մազերդ Գաղաադ պառկող՝ ՝ այծերուն հօտին պէս են։ Ակռաներդ լուացարանէն ելած մաքիներու հօտին կը նմանին, Որոնք երկուորեակ կը ծնանին Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։ Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝ Նուռի կտորներու կը նմանին։ Թագուհիները՝ վաթսուն ու հարճերը՝ ութսուն Եւ օրիորդները անթիւ են։ Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, մէկ է, Իր մօրը մէկ հատիկը, Զինք ծնանողին ընտրեալն է։ Զանիկա աղջիկները տեսան Ու անոր «Երանի՜» ըսին։ Թագուհիներն ու հարճերն ալ Զանիկա գովեցին։ Ո՞վ է ասիկա, որ արշալոյսի պէս կը նայի, Որ լուսինի պէս՝ գեղեցիկ, արեւու պէս՝ մաքուր Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու է։ Ընկոյզներու պարտէզը իջայ, Որպէս զի ձորին կանանչութիւնը տեսնեմ Եւ նայիմ թէ արդեօք որթատունկը ծլա՞ւ։ Ու նռնենիները ծաղկեցա՞ն։ Ես չգիտցած՝ իմ հոգիս Ամինադաբի կառքերուն պէս ըրաւ զիս։ Դարձի՛ր, դարձի՛ր, ո՛վ Սողոմացիդ, Դարձի՛ր, դարձի՛ր, որպէս զի քեզ տեսնենք։ Ի՞նչ պիտի փնտռէք Սողոմացիին վրայ. Իբրեւ երկու բանակներու գունդ։ Ի՜նչ գեղեցիկ են քու քայլերդ կօշիկներով, Ո՛վ իշխանի աղջիկ. Քու բարձերուդ կազմուածը՝ Երեւելի արուեստագէտի մը ձեռքով շինուած՝ Մանեակներու կը նմանի։ Քու պորտդ ըմպելիքով լեցուն բոլորակ թասի մը կը նմանի։ Քու փորդ շուշանով պատած ցորենի շեղջ ին պէս է։ Քու երկու ստինքդ նման են երկու ուլերու, Որոնք այծեամի մը ծնած երկուորեակներն են։ Պարանոցդ փղոսկրէ աշտարակի պէս է. Աչքերդ Եսեբոն՝ Բաթրաբբիմի դրանը քով եղող աւազաններուն կը նմանին. Ունչդ դէպի Դամասկոս նայող Լիբանանի աշտարակին պէս է։ Գլուխդ քու վրադ՝ Կարմեղոսի պէս Եւ գլխուդ հիւսուածքը ծիրանիի պէս է։ Թագաւորը քու խոպոպիքներուդ կապուած է։ Ո՜րչափ գեղեցիկ եւ ո՜րչափ քաղցր ես, Իմ փափկալի՛ց սիրուհիս։ Քու հասակդ՝ արմաւենիի Ու ստինքներդ ողկոյզներու կը նմանին։ Ըսի, Արմաւենիին վրայ ելլեմ, Անոր ոստերուն փակչիմ։ Քու ստինքներդ՝ խաղողի ողկոյզներու պէս Ու ռնգունքներուդ հոտը խնձորներու հոտին պէս թող ըլլայ։ Քու համբոյրդ ազնիւ գինիի պէս է, Որ շիտակ կը վազէ իմ սիրականիս Ու քնացողներուն շրթունքները կը խօսեցնէ՝ ՝։ Ես իմ սիրականիսն եմ Եւ ան ինծի կը բաղձայ։ Եկո՛ւր, իմ սիրականս, դաշտը ելլենք, Գիշերը գիւղերու մէջ անցընենք, Առտու կանուխ այգիները երթանք Ու տեսնենք թէ որթատունկը ծլե՞ր է, ծաղիկը բացուե՞ր է Եւ նռնենիները ծաղկե՞ր են։ Հոն իմ սէրս քեզի պիտի տամ։ Մանրագորները իրենց հոտը կու տան Ու մեր դռներուն մէջ, Բոլոր ընտիր պտուղներէն, թէ՛ նոր եւ թէ՛ հին, Քեզի համար պահեր եմ, ո՛վ իմ սիրականս։ Երանի՜ թէ իմ մօրս ստինքը ծծած եղբօրս պէս ըլլայիր։ Երբ քեզ դուրսը գտնէի, պիտի համբուրէի Եւ զիս պիտի չանարգէին։ Քեզ առաջնորդելով իմ մօրս տունը կը տանէի, Որպէս զի ինծի սորվեցնես։ Քեզի հոտաւէտ գինիէն, իմ նռնենիիս օշարակէն պիտի խմցնէի։ Ձախ ձեռքը գլխուս տակ Ու աջ ձեռքը զիս կը գրկէր։ Ով Երուսաղէմի աղջիկներ, ձեզ կ’երդմնցնեմ, Որ իմ սիրուհիս չարթնցնէք ու չվերցնէք, Մինչեւ որ ինք ուզէ։ Ո՞վ է ասիկա, որ իր սիրականին կռթնած՝ Անապատէն կ’ելլէ։ Քեզ խնձորենիին տակ արթնցուցի։ Քու մայրդ քեզ հոն ծնաւ, Քու ծնողդ քեզ հոն ծնաւ։ Զիս քու սրտիդ վրայ կնիքի պէս, Քու բազուկիդ վրայ կնիքի պէս դիր. Վասն զի սէրը՝ մահուան պէս զօրաւոր Ու նախանձը գերեզմանի պէս խիստ է. Անոր կայծերը սաստիկ բոցավառ կրակի կայծեր են։ Շատ ջուրերը չեն կրնար սէրը մարել Ու գետերը զանիկա չեն կրնար ընկղմել. Եթէ մարդ մը սիրոյ փոխարէն Իր տանը բոլոր ստացուածքը տայ, Զանիկա բոլորովին կ’անարգեն։ Պզտիկ քոյր մը ունինք Ու անիկա ստինք չունի։ Մեր քրոջը ի՞նչ ընենք Անոր մասին խօսուած օրը։ Եթէ անիկա պարիսպ է, Վրան արծաթէ աշտարակ մը շինենք Եւ եթէ դուռ է, Զանիկա եղեւնափայտի տախտակներով պատենք։ Ես պարիսպ եմ Ու իմ ստինքներս անոր աշտարակներն են. Այս պատճառով անոր առջեւ կը նմանիմ անոր, Որ խաղաղութիւն կը բերէ։ Սողոմոն Բաաղամոնի մէջ այգի ունէր։ Անիկա այգին պահապաններու տուաւ, Ամէն մէկը անոր պտուղին համար հազար կտոր արծաթ կը բերէր։ Իմ այգիս իմ առջեւս է. Ո՛վ Սողոմոն, հազարը քուկդ ըլլայ Ու երկու հարիւրը անոր պտուղը պահպանողներուն։ Ո՛վ պարտէզներու մէջ նստող, Ընկերները քու ձայնդ կը լսեն. Ինծի ալ լսել տուր։ Շուտ ըրէ՛, ո՛վ իմ սիրականս Ու խնկաբեր լեռներուն վրայ Այծեամի կամ եղնիկներու ձագի նման եկո՛ւր։ Ամովսի որդիին Եսայիի տեսիլքը, որ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ տեսաւ՝ Յուդայի թագաւորներուն Ոզիային, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրերը։ Լսէ՛, ո՛վ երկինք եւ ականջ դի՛ր, ո՛վ երկիր, Վասն զի Տէրը կը խօսի։ «Զաւակներ մեծցուցի ու բարձրացուցի, Բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան։ Եզը իր տէրը կը ճանչնայ Ու էշը իր տիրոջ մսուրը, Բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար, Իմ ժողովուրդս չ’իմանար»։ Վա՜յ մեղաւոր ազգին՝ Անօրէնութիւնով ծանրացած ժողովուրդ, Չարագործներո՛ւ սերունդ, ապականի՛չ զաւակներ։ Անոնք Տէրը թողուցին, Իսրայէլին Սուրբը անարգեցին Ու ետ քաշուեցան։ Ի՞նչ պատիժ սահմանենք, Երբ ա՛լ աւելի ապստամբիք։ Բոլոր գլուխը հիւանդ Եւ բոլոր սիրտը տրտմած է։ Ոտքին թաթէն մինչեւ գլուխը Անոր վրայ բնաւ ողջ տեղ չմնաց. Հարուածներ, վէրքեր ու շարաւալից խոցեր կան։ Անոնք չգոցուեցան, չկապուեցան Ու իւղով ալ չկակուղցան։ Ձեր երկիրը աւերակ դարձեր է Եւ ձեր քաղաքները կրակով այրուած են։ Ձեր արտերը աչքներուդ առջեւ օտարները կ’ուտեն Ու անոնք օտարներուն ըրած աւերակներուն պէս խոպանացած են։ Սիօնի աղջիկը այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս, Վարունգի արտի մէջ եղած հիւղի պէս, Պաշարուած քաղաքի պէս լքուած մնացեր է ։ Եթէ զօրքերու Տէրը մեզի քիչ մը մնացորդ թողուած չըլլար, Մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք Ու Գոմորի պիտի նմանէինք։ Լսեցէ՛ք Տէրոջը խօսքը, ո՛վ Սոդոմի իշխաններ, Ակա՛նջ դրէք մեր Աստուծոյն օրէնքին, ո՛վ Գոմորի ժողովուրդ. «Ի՞նչ պէտք է ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը, կ’ըսէ Տէրը. Ձեր խոյերուն ողջակէզներէն Ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ։ Եւ զուարակներուն ու գառներուն Եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր։ Երբ կու գաք իմ առջեւս երեւնալու, Ո՞վ պահանջեց ձեզմէ, որ այսպէս իմ սրահներս կոխկռտէք։ Ա՛լ ինծի ունայն ընծաներ մի՛ բերէք։ Ձեր խունկը ինծի պիղծ է։ Ամսագլուխներուն ու շաբաթներուն Եւ ժողովներու գումարուելուն չեմ կրնար հանդուրժել։ Ձեր տօնախմբութիւնը անգամ անօրէնութիւն է։ Ձեր ամսագլուխներէն ու տօներէն կը զզուի իմ հոգիս, Անոնք իմ վրաս ծանր բեռ եղան, Վերցնելէ յոգնեցայ։ Ուստի երբ ձեռքերնիդ տարածէք, Աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ, Նաեւ երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ, Վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են։ Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, Իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, Չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք. Բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, Իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէ՛ք, Որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւարիին դատը պաշտպանեցէ՛ք»։ «Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ’ըսէ Տէրը. Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, Ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան Եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, Ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան։ Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք, Երկրին բարիքը պիտի ուտէք, Բայց եթէ զիս մերժելով պիտի ապստամբիք, Սուրը պիտի ուտէ ձեզ»։ Վասն զի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ ասիկա ։ Ինչպէս պոռնկացաւ այդ հաւատարիմ քաղաքը։ Անիկա իրաւունքով լեցուն էր Ու անոր մէջ արդարութիւնը կը բնակէր, Բայց հիմա մարդասպաններու բնակարան եղած է։ Քու արծաթդ կղկղանք դարձաւ, Գինիիդ մէջ ջուր խառնուած է։ Քու իշխաններդ ապստամբ ու գողերու ընկեր եղան. Ամէնքն ալ կաշառք սիրելով՝ պարգեւներ կը փնտռեն. Անոնք որբին դատաստանը չեն տեսներ Եւ որբեւարիին դատը անոնց առջեւ չի գար։ Անոր համար զօրքերու Եհովա Տէրը, Իսրայէլի Հզօրը, այսպէս կ’ըսէ. «Աւա՜ղ, իմ հակառակորդներուս հատուցում պիտի ընեմ Ու թշնամիներէս վրէժ պիտի առնեմ։ Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի դարձնեմ Եւ քու կղկղանքդ բորակով պիտի մաքրեմ Ու բոլոր անագդ մէկդի պիտի զատեմ։ Քու դատաւորներդ առաջուան պէս Ու խորհրդականներդ սկիզբէն եղածին պէս նորէն պիտի հաստատեմ։ Անկէ ետքը դուն պիտի կոչուիս Արդարութեան քաղաք եւ Հաւատարիմ աւան»։ Սիօնը դատաստանով պիտի փրկուի Եւ հոն դարձողները արդարութեամբ։ Բայց անօրէններն ու մեղաւորները մէկտեղ պիտի ջարդուին։ Անոնք որ Տէրը կը թողուն, բնաջինջ պիտի ըլլան։ Քանզի ձեր ցանկացած բեւեկնիներէն պիտի ամչնաք Եւ ձեր ընտրած պարտէզներէն ամօթով պիտի մնաք։ Տերեւները թառամած բեւեկնիի պէս Եւ ջուր չունեցող պարտէզի պէս պիտի ըլլաք։ Զօրութիւն ունեցողը՝ խծուծի պէս Եւ անոր գործը կայծի նման պիտի ըլլայ։ Երկուքն ալ մէկէն պիտի այրին Եւ մարող պիտի չգտնուի։ Յուդայի եւ Երուսաղէմի նկատմամբ տրուած պատգամը, որ Աստուած իմացուց Ամովսի որդիին Եսայիին. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը Լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, Բոլոր հեթանոսները հեղեղի պէս պիտի դիմեն անոր։ Շատ ժողովուրդներ պիտի երթան ու ըսեն. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ Ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ Վասն զի օրէնքը՝ Սիօնէն Ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի ելլէ. Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէ Եւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ։ Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր Եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ Եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին։ Ո՛վ Յակոբի տուն, Եկէ՛ք Տէրոջը լոյսովը քալենք։ Քանզի դուն քու ժողովուրդդ, Յակոբին տունը թողուցիր, Վասն զի արեւելքի կախարդներովը լեցուեցան Եւ Փղշտացիներու պէս հմայութիւն կ’ընեն Ու օտարներու որդիներուն հետ դաշնակից եղան։ Անոնց երկիրը արծաթով ու ոսկիով լեցուեցաւ Ու անոնց գանձերը անթիւ եղան։ Անոնց երկիրը ձիերով լեցուեցաւ Եւ անոնց կառքերը անհաշիւ են։ Կուռքերով ալ լեցուն է անոնց երկիրը։ Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն կ’ընեն, Անոնց՝ որոնք իրենց մատերը շինեցին։ Ռամիկ մարդը ծռեցաւ, Ազնուականը խոնարհեցաւ։ Անոնց մի՛ ներեր։ Տէրոջը վախէն Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն Վէմին մէջ մտի՛ր ու հողին մէջ պահուըտէ՛։ Մարդուն ամբարտաւան աչքերը պիտի խոնարհին, Մարդոց հպարտութիւնը պիտի ցածնայ։ Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։ Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրը Բոլոր ամբարտաւաններուն ու բարձրամիտներուն Եւ բոլոր հպարտներուն պիտի հակառակի։ Լիբանանի բոլոր բարձրացած ու վերացած եղեւիններուն վրայ Ու Բասանի բոլոր կաղնիներուն վրայ, Բոլոր բարձր լեռներուն վրայ Ու բոլոր բարձրացած բլուրներուն վրայ Եւ բոլոր բարձր աշտարակներուն վրայ Ու բոլոր ամուր պարիսպներուն վրայ Եւ Թարսիսի բոլոր նաւերուն վրայ Ու բոլոր հաճելի երեւցած բաներուն վրայ պիտի բարձրանայ։ Մարդուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ցածնայ, Մարդոց հպարտութիւնը պիտի խոնարհի։ Այն օրը միայն Տէրը պիտի բարձրանայ։ Կուռքերը բնաջինջ պիտի ըլլան։ Քարայրներու մէջ Ու երկրին խոռոչները պիտի մտնեն Տէրոջը վախէն Եւ անոր վեհափառութեանը մեծութենէն, Երբ ինք երկիրը սարսելու ելլէ։ Այն օրը մարդ խլուրդներուն ու ջղջիկներուն պիտի նետէ Իր արծաթեղէն կուռքերն ու իր ոսկեղէն կուռքերը, Որոնք շիներ էին երկրպագելու համար, Որպէս զի Տէրոջը վախէն Ու անոր վեհափառութեանը մեծութենէն Ապառաժներուն՝ ծակերը Ու վէմերուն ծերպերը մտնէ, Երբ Անիկա երկիրը սարսելու ելլէ։ Ե՛տ կեցէք մարդէն, որուն շունչը իր ռնգունքներուն մէջ է. Վասն զի ի՞նչ բանի մէջ հաստատ կը համարուի ան»։ Վասն զի ահա զօրքերու Եհովա Տէրը Երուսաղէմէն եւ Յուդայէն պիտի վերցնէ գաւազանը եւ ցուպը, Հացին բոլոր զօրութիւնն ու ջուրին բոլոր զօրութիւնը, Կտրիճն ու պատերազմող մարդը, Դատաւորն ու մարգարէն, գուշակութիւն ընողն ու ծերը, Յիսնապետն ու պատուաւոր մարդը, Խորհրդականն ու իմաստուն ճարտարապետը եւ հանճարեղ կախարդը։ Անոնց վրայ մանուկները իշխան պիտի կարգեմ, Անոնց վրայ տղաք պիտի իշխեն։ Ժողովուրդը՝ իրարմէ Ու ընկերը իր ընկերէն հարստահարութիւն պիտի կրեն. Մանուկները ծերերուն վրայ պիտի գոռոզանան Եւ անարգները՝ պատուականներուն։ Այն ատեն մարդ իր հօրը տունէն եղող իր եղբայրը պիտի բռնէ ու ըսէ. «Դուն հանդերձ ունիս, Մեր վրայ իշխան եղիր Ու այս աւերակը քու ձեռքիդ տակ թող ըլլայ»։ Այն օրը անիկա պատասխան պիտի տայ՝ ՝ ու ըսէ. «Ես առաջնորդ չեմ ըլլար, Վասն զի իմ տանս մէջ ո՛չ հաց կայ եւ ո՛չ հանդերձ. Զիս ժողովուրդին վրայ իշխան մի՛ կարգէք»։ Քանզի Երուսաղէմ սասանեցաւ եւ Յուդա ինկաւ։ Վասն զի անոնց լեզուներն ու գործերը Տէրոջը դէմ են, Որպէս զի բարկացնեն անոր փառաւոր աչքերը։ Անոնց երեսներուն տեսքը իրենց դէմ կը վկայէ Եւ իրենց մեղքերը Սոդոմի պէս կը յայտնեն, չեն ծածկեր։ Վա՜յ անոնց անձին, վասն զի իրենց վրայ չարիք բերին։ Արդարին ըսէք թէ իրեն աղէկ պիտի ըլլայ. Վասն զի անոնք իրենց գործերուն պտուղը պիտի ուտեն։ Վա՜յ անօրէնին, գէշ պիտի ըլլայ անոր, Վասն զի անոր ձեռքերուն գործերուն փոխարէնը իրեն պիտի տրուի։ Բայց իմ ժողովուրդիս հարստահարիչները տղաք են Ու անոր վրայ կիներ կը տիրեն։ Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու առաջնորդներդ քեզ գլխէ կը հանեն Եւ քու շաւիղներուդ ճամբան կը խանգարեն։ Տէրը դատաստան տեսնելու ելեր է Ու ժողովուրդները դատելու կեցեր է։ Տէրը ինք դատաստան ընելու պիտի գայ Իր ժողովուրդին ծերերուն ու իշխաններուն հետ։ «Վասն զի դուք այգին այրեցիք Ու աղքատէն յափշտակուածը ձեր տունն է։ Դուք իմ ժողովուրդս կը կեղեքէք Ու աղքատները կը հարստահարէք», Կ’ըսէ Եհովան, զօրքերու Տէրը։ Եւ Տէրը այսպէս ըսաւ. «Որովհետեւ Սիօնի աղջիկները հպարտացան Ու բարձրապարանոց կը քալեն, Անհամեստ ակնարկութիւններ կ’ընեն, Մանրաքայլ կ’երթան Ու ոտքերով շաչիւն կը հանեն, Տէրն ալ Սիօնի աղջիկներուն գագաթը պիտի կնտացնէ Եւ անոնց ամօթոյքը պիտի մերկացնէ»։ Եւ այն օրը Տէրը պիտի վերցնէ Անոնց ոտքի մեհեւանդներուն փառքը Ու ցանցակերպ ծամակալները եւ մահիկները, Գինդերը, ապարանջաններն ու շղարշատեռները, Ապառօշները, ոտքի շղթաներն ու գօտիները, Անուշահոտութիւններու տուփերը, հմայեակները, Մատանիները եւ քթերուն օղերը, Պատմուճանները, վերարկուները, Ծածկոցներն ու քսակները, Հայելիներն ու բեհեզները, Խոյրերն ու քօղերը։ Որպէս զի անուշահոտութեան տեղ փտտութիւն Ու գօտիի տեղ չուան Եւ գանգուր մազերու տեղ կնտութիւն Եւ լանջագեղ կամարի տեղ քուրձի գօտի Ու գեղեցկութեան տեղ խարան ըլլայ։ Քու մարդիկդ սուրով պիտի իյնան Ու կտրիճներդ ալ պատերազմի մէջ։ Եւ անոր դռները պիտի ողբան ու սուգ բռնեն Եւ անիկա ամայի ըլլալով՝ գետինը պիտի նստի։ Այն օրը եօթը կին մէկ այր մարդ պիտի բռնեն ու ըսեն. «Մեր հացը ուտենք ու մեր հանդերձը հագնինք, Բայց միայն քու անունդ կանչուի մեր վրայ՝ Մեր նախատինքը վերցնելու համար»։ Այն օրը Տէրոջը շառաւիղը Փառաւոր ու պատուական պիտի ըլլայ Եւ Իսրայէլի ազատուածներուն՝ Երկրին պտուղը պարծանքի եւ պատիւի համար պիտի ըլլայ։ Որպէս զի Սիօնի մէջ մնացածը Ու Երուսաղէմի մնացորդը, Այսինքն Երուսաղէմի մէջ բոլոր ողջ մնացողները, Սուրբ կոչուին, Երբ Տէրը Սիօնի աղջիկներուն աղտը լուայ Ու դատաստանի հոգիով եւ այրող հոգիով Երուսաղէմի արիւնները անոր մէջէն սրբէ։ Տէրը Սիօն լերանը վրայ Ու անոր ժողովարաններուն վրայ Ցորեկը ամպ եւ մէգ Ու գիշերը փայլուն կրակի բոց պիտի ստեղծէ, Որպէս զի բոլոր փառքին վրայ հովանի ըլլայ։ Ցորեկը վրան պիտի ըլլայ, Տաքութեան համար՝ հովանի Եւ մրրիկին ու անձրեւի համար Ապաստանարան ու ծածկոց ըլլալու։ Հիմա իմ սիրականիս երգը Իմ սիրելիիս երգեմ իր այգիին վրայով. Իմ սիրելիս այգի մը ունէր Խիստ պտղաբեր բլուրի մը վրայ։ Զանիկա ցանկով պատեց, քարերը հանեց մէջէն Եւ ընտիր որթատունկեր տնկեց։ Անոր մէջտեղը աշտարակ շինեց Եւ հոն հնձան մըն ալ փորեց։ Կը սպասէր, որ խաղող տար, Բայց անիկա ազոխ տուաւ։ Ուստի հիմա դուք, ո՛վ Երուսաղէմի բնակիչներ ու Յուդայի մարդիկ, Իմ ու այգիիս մէջտեղ դատաւոր եղէք։ Իմ այգիիս ուրիշ ի՞նչ պէտք էր ընէի, Որ ես անոր չըրի։ Ինչո՞ւ համար, երբ ես խաղող տալուն կը սպասէի, Անիկա ազոխ տուաւ։ Ուրեմն ես ձեզի ըսեմ, Թէ ի՛նչ պիտի ընեմ իմ այգիիս։ Անոր ցանկը պիտի քակեմ, որպէս զի անասուններու ճարակ ըլլայ։ Անոր պատերը պիտի փլցնեմ, որպէս զի ոտնակոխ ըլլայ։ Խոպանացած պիտի թողում։ Անիկա պիտի չյօտուի ու չբրուի, Որպէս զի ցախ ու փուշ բուսցնէ։ Ամպերուն պիտի պատուիրեմ, Որ անոր վրայ անձրեւ չտեղան։ Վասն զի զօրքերուն Տէրոջը այգին Իսրայէլի տունն է Ու Յուդայի մարդիկը՝ անոր ախորժելի տունկը։ Անիկա իրաւունքի կը սպասէր եւ ահա՝ արիւնահեղութիւն եղաւ, Արդարութեան՝ եւ ահա աղաղակ։ Վա՜յ անոնց, որոնք տունը տան կը միացնեն, Ագարակ ագարակի վրայ կ’աւելցնեն. Մինչեւ որ տեղ չմնայ Ու միայն դուք բնակիք երկրի մէջ։ Զօրքերու Տէրը իմ ականջիս խօսեցաւ՝ ըսելով «Յիրաւի շատ տուներ աւերակ պիտի ըլլան, Մեծ ու գեղեցիկ տուներ ու անոնց մէջ բնակող պիտի չգտնուի։ Վասն զի տասը լծավար այգին մէկ մար պիտի տայ Ու մէկ քոռ սերմը մէկ արդու պիտի տայ»։ Վա՜յ անոնց, որոնք առտուն կանուխ կ’ելլեն Ու ցքի խմելու ետեւէ կ’ըլլան Եւ իրիկունն ալ կ’ուշանան, Մինչեւ որ գինին իրենց գլուխը տաքցնէ։ Անոնց խնճոյքներուն մէջ քնար ու տաւիղ, Թմբուկ ու սրինգ եւ գինի կը գտնուի, Բայց Տէրոջը ըրածներուն ուշադրութիւն չեն ըներ Եւ անոր ձեռքերուն գործերուն չեն նայիր։ Անոր համար իմ ժողովուրդս Տէրը չճանչնալով՝ գերի կ’իյնայ Ու անոր մեծամեծ մարդիկը սով կը կրեն, Բազմութիւնը ծարաւէն կը ցամքի։ Անոր համար դժոխքը ինքզինք կը լայնցնէ Ու բերանը չափէ դուրս կը բանայ։ Անոր պարծանքն ու բազմութիւնը Եւ աղաղակն ու զուարճութիւնը անոր մէջ պիտի իջնեն։ Ռամիկ մարդը պիտի իյնայ Ու ազնուականը պիտի խոնարհի։ Ամբարտաւաններուն աչքերն ալ պիտի խոնարհին։ Զօրքերու Տէրը իրաւունքով պիտի բարձրանայ։ Սուրբ Աստուած արդարութիւնով պիտի փառաւորուի։ Գառնուկները իրենց սովորութեանը պէս պիտի արածին Ու հարուստներուն աւերակները օտարները պիտի ուտեն։ Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութիւնը ունայնութեան չուաններով կը քաշեն Ու մեղքը՝ սայլի փոկերով քաշելու պէս, Որոնք կ’ըսեն. «Թող արտորայ, Իր գործը շուտով կատարէ, որպէս զի զանիկա տեսնենք։ Իսրայէլին Սուրբին խորհուրդը Թող մօտենայ, գայ, որպէս զի զանիկա գիտնանք»։ Վա՜յ անոնց, որոնք չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար. Որոնք խաւարը՝ լոյսի տեղ ու լոյսը խաւարի տեղ կը դնեն, Որոնք դառնը՝ քաղցրի տեղ ու քաղցրը դառնի տեղ կը դնեն։ Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն Եւ իրենց առջեւ խոհական են։ Վա՜յ անոնց, որոնք գինի խմելու համար՝ զօրաւոր Ու ցքի խառնելու համար կտրիճ են, Որոնք կաշառքի համար ամբարիշտը կ’արդարացնեն Եւ արդարը իր իրաւունքէն կը զրկեն։ Անոր համար ինչպէս կրակին բոցը յարդը կ’ուտէ Ու չոր խոտը բոցին մէջ կը հատնի, Այնպէս ալ անոնց արմատը փտտութեան պէս պիտի ըլլայ Ու անոնց ծաղիկը փոշիի պէս վեր պիտի ելլէ։ Վասն զի զօրքերու Տէրոջը օրէնքը մերժեցին Եւ Իսրայէլի Սուրբին խօսքը անարգեցին։ Անոր համար Տէրոջը բարկութիւնը իր ժողովուրդին դէմ բորբոքեցաւ Ու անոնց վրայ ձեռքը երկնցուց ու զարկաւ զանոնք, Այնպէս որ լեռները դողացին Ու անոնց դիակները ճամբաներուն վրայ աղբի պէս մնացին։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։ Հեռաւոր ազգերու դրօշակը պիտի վերցնէ Ու զանոնք երկրի ծայրէն սուլելով պիտի կանչէ։ Ահա անոնք արտորալով եւ արագութեամբ պիտի գան։ Անոնցմէ մէ՛կը պիտի չյոգնի ու մէ՛կը պիտի չսահի. Մէ՛կը պիտի չմրափէ ու չքնանայ։ Մէ՛կուն մէջքի գօտին պիտի չքակուի, Ո՛չ ալ կօշիկին կապը պիտի կտրուի։ Անոնց նետերը սուր են Ու բոլոր աղեղները՝ լարուած։ Անոնց ձիերուն սմբակները գայլախազի կը նմանին Եւ կառքերուն անիւները մրրիկի պէս են։ Անոնք առիւծի պէս կը մռնչեն, Կորիւններու պէս կը գոռան։ Կը գոչեն ու կողոպուտը կը յափշտակեն, Զանիկա կը փախցնեն, բայց ազատող մը չկայ։ Այն օրը անոնց վրայ պիտի գոչեն ծովուն գոչելուն պէս Ու երբ մէկը երկրին նայի, ահա խաւար եւ տագնապ պիտի տեսնէ Եւ լոյսը անոր ամպերուն մէջ պիտի խաւարի։ Ոզիա թագաւորին մահուան տարին Տէրը տեսայ, որ բարձր ու վերացած աթոռի վրայ նստեր էր։ Անոր քղանցքը տաճարը կը լեցնէր։ Վերի կողմը սերովբէները կը կենային անոր առջեւ, որոնց ամէն մէկը վեց թեւ ունէր։ Երկուքով երեսնին կը ծածկէին, երկուքով ոտքերնին կը ծածկէին ու երկուքով կը թռչէին։ Եւ փոփոխակի կ’աղաղակէին ու կ՛ըսէին. «Սուրբ, Սուրբ, Սո՛ւրբ է զօրքերու Տէրը. Բոլոր երկիր անոր փառքովը լեցուն է»։ Եւ աղաղակին ձայնէն դրան սեմերուն հիմերը շարժեցան եւ տունը ծուխով լեցուեցաւ։ Եւ ըսի. «Վա՜յ ինծի, ահա կը կորսուիմ. Վասն զի ես պիղծ շրթունք ունեցող մարդ մըն եմ Ու պղծաշուրթն ժողովուրդի մէջ կը բնակիմ Եւ իմ աչքերս զօրքերու Տէրը, Թագաւորը տեսան»։ Բայց սերովբէներէն մէկը իմ կողմս թռաւ ու ձեռքը կրակի կայծ մը ունէր, որ սեղանէն ունելիով առած էր։ Եւ բերնիս դպցնելով՝ ըսաւ. «Ահա ասիկա քու շրթունքներուդ դպաւ Ու քու անօրէնութիւնդ վերցուեցաւ Եւ մեղքիդ քաւութիւն եղաւ»։ Ետքը լսեցի Տէրոջը ձայնը, որ ըսաւ. «Ո՞վ ղրկեմ եւ մեզի համար ո՞վ պիտի երթայ»։ Ու ես ըսի. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ Այն ատեն ըսաւ. «Գնա՛, ըսէ՛ այս ժողովուրդին. ‘Լսելով պիտի լսէք, բայց պիտի չիմանաք Ու տեսնելով պիտի տեսնէք, բայց պիտի չգիտնաք’։ Այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացուր Եւ ականջները ծանրացուր ու անոր ոտքերը գոցէ, Որպէս զի չըլլայ թէ աչքերովը տեսնէ ու ականջներովը լսէ Եւ սրտովը իմանայ եւ դարձի գայ ու բժշկուի»։ Ես ըսի. «Մինչեւ ե՞րբ, ո՛վ Տէր իմ»։ Ան ըսաւ. «Մինչեւ որ քաղաքները բնակիչ չունենալով Եւ տուները մարդ չգտնուելով՝ ամայի մնան Ու երկիրը բոլորովին աւերակ ըլլայ Ու մինչեւ որ Տէրը հեռացնէ մարդիկը Ու երկրին մէջ մեծ ամայութիւն ըլլայ։ Անոր մէջ դեռ մէկ տասներորդ մասը պիտի գտնուի, Բայց այն ալ դարձեալ պիտի սպառի. Ինչպէս բեւեկնին ու կաղնին կտրուելով՝ անոնց բունը կը մնայ»։ Այսպէս սուրբ սերունդը այն ժողովուրդին բունը պիտի ըլլայ։ Յուդայի թագաւորին, Ոզիայի որդիին Յովաթամի որդիին Աքազին օրերը Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլի թագաւորը Ռովմելայի որդին Փակէէն Երուսաղէմի դէմ պատերազմելու ելան, բայց չկրցան անոր հետ պատերազմ ընել։ Ուստի երբ Դաւիթին տանը լուր տրուեցաւ թէ Ասորիները Եփրեմի հետ միաբանեցան՝ ՝, անոր սիրտը եւ անոր ժողովուրդին սիրտը ցնցուեցաւ, ինչպէս անտառին ծառերը հովէն կը ցնցուին։ Բայց Տէրը Եսայիին ըսաւ. «Հիմա դուն քեզի հետ առ քու որդիդ Սէար-Յասուբը, թափիչի ագարակին ճամբուն վրայ, վերի աւազանին ջրմուղին եզերքը ելի՛ր Աքազը դիմաւորելու։ Եւ ըսէ՛ անոր. ‘Զգո՛յշ եղիր ու հանդա՛րտ կեցիր, Մի՛ վախնար ու սիրտդ թող չմարի Այս ծուխ հանող երկու կիսայրեաց փայտի ծայրերէն՝ Այսինքն Ռասինի ու Ասորիներու Եւ Ռովմելայի որդիին սաստիկ բարկութենէն։ Որովհետեւ Ասորիները, Եփրեմն ու Ռովմելային որդին Քու վրայովդ չար խորհուրդ ըրին ու ըսին. «Յուդայի վրայ երթանք ու զանիկա բռնադատենք Եւ մեզի հնազանդեցնենք, Ետքը անոր մէջ Տաբէէլին որդին թագաւոր դնենք»’։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘ Այս խորհուրդը պիտի չհաստատուի ու չկատարուի. Վասն զի Ասորիներուն երկրին գլուխը՝ Դամասկոս Եւ Դամասկոսին գլուխը Ռասին է։ Վաթսունըհինգ տարուան մէջ Եփրեմ ժողովուրդ ըլլալէ պիտի ջնջուի։ Եփրեմին գլուխը՝ Սամարիա Եւ Սամարիային գլուխը Ռովմելային որդին է. Եթէ չհաւատաք, հաստատուն պիտի չըլլաք’։ Դարձեալ Տէրը խօսեցաւ Աքազին ու ըսաւ. «Քու Տէր Աստուծմէդ քեզի համար նշան խնդրէ, Խորութեան մէջ կամ բարձրութեան մէջ»։ Բայց Աքազ ըսաւ. «Չեմ խնդրեր ու Տէրը չեմ փորձեր»։ Այն ատեն անիկա ըսաւ. «Լսէ՛ հիմա, ո՛վ Դաւիթի տուն. Պզտի՞կ բան կ’երեւնայ քեզի մարդիկ աշխատցնելդ, Որ իմ Աստուածս ալ պիտի աշխատցնես։ Անոր համար Տէրը ինք նշան պիտի տայ քեզի. Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի Եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի։ Անիկա կոգի ու մեղր պիտի ուտէ, Մինչեւ որ գիտնայ չարը մերժել ու բարին ընտրել։ Վասն զի տղան չարը մերժելը ու բարին ընտրելը գիտնալէն առաջ Պիտի թողու այն երկիրը, Որուն երկու թագաւորներէն դուն կը վախնաս։ Տէրը քու վրադ ու քու ժողովուրդիդ վրայ Եւ քու հօրդ տանը վրայ այնպիսի օրեր պիտի բերէ, Որ Եփրեմին Յուդայէն զատուած օրէն ի վեր չեկան, Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը»։ Այն օրը Տէրը պիտի սուլէ, Եգիպտոսի գետերուն ծայրը եղած ճանճերը Ու Ասորեստանի երկրին մէջ եղած մեղուները, Բոլորը պիտի գան ու պիտի հանգչին Ամայի ձորերուն մէջ ու վէմերուն խոռոչներուն մէջ Եւ բոլոր թուփերուն ու բոլոր արօտներուն մէջ։ Այն օրը Տէրը, վարձքով առնուած ածելիով, Այսինքն Գետին անդիի կողմը եղող Ասորեստանի թագաւորով, Գլուխն ու ոտքերուն մազը պիտի ածիլէ Եւ մօրուքն ալ բոլորովին պիտի սափրէ։ Այն օրը մարդ մը, Մէկ երինջ ու երկու ոչխար պահելով, Անոնց տուած կաթին առատութենէն կոգի պիտի ուտէ, Վասն զի երկրին մէջ բոլոր մնացողները Կոգի ու մեղր պիտի ուտեն։ Եւ այն օրը, Ուր որ հազար որթատունկ տնկուած է հազար սիկղ արծաթի արժէքով, Ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։ Նետերով ու աղեղներով հոն պիտի գան, Վասն զի բոլոր երկիրը ցախերով ու փուշերով պիտի լեցուի։ Եւ այն բոլոր լեռները, որոնք բրիչով կը փորուէին, Ցախի ու փուշի երկիւղին պատճառով հոն պիտի չերթաք. Արջառներուն արօտ ու խաշինքներուն կոխան պիտի ըլլան։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Դուն քեզի մեծ տոմս մը առ եւ անոր վրայ մարդու գրիչով գրէ՝ ‘Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազին մասին»։ Եւ ինծի հաւատարիմ վկաներ բռնեցի Ուրիա քահանան ու Բարաքիայի որդին Զաքարիան։ Մերձեցայ մարգարէուհիին ու անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Անոր անունը Մահէր-Շալալ-Հաշ-Պազ դիր. Վասն զի դեռ տղան «Հայրս եւ մայրս» կանչելը չսորված՝ Դամասկոսի հարստութիւններն ու Սամարիայի աւարը Ասորեստանի թագաւորին առջեւ պիտի տարուին»։ Դարձեալ Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ այս ժողովուրդը Սիլովայի հանդարտ վազող ջուրերը կ’արհամարհէ եւ Ռասինի ու Ռովմելայի որդիին կը հաւնի, Անոր համար ահա Տէրը անոնց վրայ Գետին զօրաւոր ու առատ ջուրերը, Այսինքն Ասորեստանի թագաւորը ու անոր բոլոր զօրութիւնը, պիտի հանէ Եւ անիկա իր բոլոր յատակներէն վեր պիտի ելլէ Ու իր բոլոր եզերքներուն վրայէն պիտի քալէ։ Յուդային մէջէն յորդելով՝ պիտի անցնի երթայ Ու մինչեւ մարդոց պարանոցը պիտի հասնի Եւ անոր թեւերուն տարածութիւնը Քու երկրիդ լայնութիւնը պիտի լեցնէ, ո՛վ Էմմանուէլ»։ Ո՛վ ժողովուրդներ, դաշնակի՛ց եղէք՝ ՝, բայց պիտի խորտակուիք. Ո՛վ երկրին հեռաւոր տեղեր, ակա՛նջ դրէք, Պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք. Պատրաստուեցէ՛ք, բայց պիտի խորտակուիք. Խորհո՛ւրդ ըրէք, բայց պիտի խափանուի. Խօ՛սք խօսեցէք, բայց պիտի չհաստատուի. Քանզի Աստուած մեզի հետ է։ Քանզի Տէրը հզօր ձեռքով այսպէս խօսեցաւ ինծի Ու խրատեց զիս՝ թէ պէտք չէ այս ժողովուրդին ճամբուն մէջ քալել՝ ըսելով. «Դաւադրութիւն մի՛ ըսէք Ինչ բանի որ այս ժողովուրդը դաւադրութիւն կ’ըսէ։ Անոր վախովը մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք։ Միայն զօրքերու Տէրը փառաւորեցէք, Անիկա ըլլայ ձեր վախը եւ ձեր զարհուրանքը։ Եւ անիկա ձեզի սրբարան պիտի ըլլայ, Բայց Իսրայէլի երկու տուներուն՝ Գայթակղութեան քար եւ գլորելու վէմ Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն թակարդ ու որոգայթ պիտի ըլլայ։ Եւ անոնցմէ շատերը պիտի գլորին, Ու իյնալով պիտի խորտակուին Եւ որոգայթի մէջ իյնալով պիտի բռնուին»։ Վկայութիւնը կապէ, Աշակերտներուս մէջ օրէնքը կնքէ։ Ուրեմն ես պիտի սպասեմ Տէրոջը, Որ Յակոբի տունէն իր երեսը ծածկեր է Ու անոր պիտի յուսամ։ Ահաւասիկ ես ու այն զաւակները, որոնք Տէրը ինծի տուաւ, Նշաններ ու սքանչելիքներ ըլլալու Իսրայէլի մէջ՝ Սիօն լեռը բնակող զօրքերու Տէրոջը կողմանէ։ Ու երբ ձեզի ըսեն թէ՝ «Շշնջող ու քրթմնջող վհուկներուն Եւ նշանագէտներուն հարցուցէք», Այն ատեն ըսէք թէ Ժողովուրդը իր Աստուծոյն պիտի չհարցնէ՞. Կենդանիներուն համար մեռածներո՞ւն պիտի հարցնէ ։ Օրէնքին ու վկայութեանը թող հարցնեն. Եթէ այս խօսքին համեմատ չխօսին, Անոնք ամենեւին լոյս չունին։ Եւ ժողովուրդը վիշտ ու սով կրելով պիտի անցնի անկէ Ու երբ անօթենայ, պիտի բարկանայ Ու իր թագաւորին եւ իր Աստուծոյն պիտի հայհոյէ ու վեր նայի Եւ դէպի երկիր պիտի նայի Եւ ահա վիշտ ու խաւար, նեղութեան մէգ։ Դէպի մառախուղ պիտի քշուին։ Բայց այնպէս խաւար պիտի չըլլայ, ինչպէս նեղութեան ժամանակը, Երբ ժամանակին անարգեց Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը. Հապա վերջին ատենը պիտի փառաւորէ ծովուն ճամբան, Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան։ Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։ Ազգը շատցուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր. Անոնք քու առջեւդ կ’ուրախանան՝ հունձքի ատենի ուրախութեան պէս, Ինչպէս կը ցնծան անոնք, որ աւար կը բաժնեն։ Վասն զի Մադիամի օրուանը պէս՝ Անոր ծանր լուծը ու կռնակին գաւազանը Եւ անոր վրայ բռնութիւն ընողին ցուպը կոտրեցիր։ Քանզի շառաչիւնով պատերազմողներուն բոլոր զէնքերը Եւ արիւնաթաթախ հանդերձները Պիտի այրին եւ հրոյ ճարակ ըլլան։ Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Իշխան։ Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, Որպէս զի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան Իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։ Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա։ Տէրը Յակոբին պատգամ ղրկեց Ու անիկա Իսրայէլին վրայ իջաւ։ Բոլոր ժողովուրդը պիտի իմանայ, Այսինքն Եփրեմ ու Սամարիայի բնակիչները, Որոնք ամբարտաւանութեամբ եւ սրտի հպարտութեամբ կ’ըսեն. « Թէեւ աղիւսները ինկան, Բայց մենք տաշուած քարերով պիտի շինենք։ Մոլաթզենիները կտրուեցան, Բայց մենք անոնց տեղ եղեւնափայտեր պիտի դնենք»։ Սակայն Տէրը անոր վրայ Ռասինին հակառակորդները պիտի յարուցանէ Ու անոր թշնամիները պիտի գրգռէ։ Ասորիները՝ արեւելքէն, Փղշտացիները՝ արեւմուտքէն Անոնք լեցուն բերանով Իսրայէլը պիտի ուտեն։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։ Քանզի ժողովուրդը զինք զարնողին չի դառնար Ու զօրքերու Տէրը չի փնտռեր։ Տէրը Իսրայէլին գլուխն ու պոչը, Արմաւենիի ոստն ու կնիւնը Մէկ օրուայ մէջ պիտի կտրէ։ (Ծերն ու պատուաւոր մարդը գլուխն է Եւ ստութիւն սորվեցնող մարգարէն պոչն է) Եւ այս ժողովուրդին առաջնորդները պիտի մոլորեցնեն զանոնք Եւ անոնցմէ առաջնորդուածները պիտի կլլուին։ Այս պատճառով Տէրը անոր երիտասարդներուն պիտի չհաճի Եւ անոր որբերուն ու որբեւարիներուն պիտի չողորմի. Վասն զի ամէնքն ալ կեղծաւոր ու չարագործ եղան Եւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։ Քանզի անօրէնութիւնը կրակի պէս կ’այրէ, Ցախերն ու փուշերը կը սպառէ, Անտառին թանձրախիտ ծառերը կ’այրէ Ու անոնք կը ցնդին վեր ելլող ծուխի պէս։ Զօրքերու Տէրոջը բարկութենէն երկիրը պիտի այրի Ու ժողովուրդը հրոյ ճարակ եղածի պէս պիտի ըլլայ։ Մարդ իր եղբօրը պիտի չխնայէ։ Աջ կողմը եղածը պիտի յափշտակէ ու անօթի պիտի մնայ։ Ձախ կողմինն ալ պիտի ուտէ ու պիտի չկշտանայ։ Ամէն մարդ իր բազուկներուն միսը պիտի ուտէ։ Մանասէն Եփրեմը պիտի ուտէ ու Եփրեմը՝ Մանասէն։ Անոնք մէկտեղ Յուդային վրայ պիտի յարձակին ։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։ Վա՜յ անոնց, որոնք անօրէնութեան կանոններ կը սահմանեն Եւ այն դպիրներուն, որոնք անօրէնութիւն կը գրեն, Որպէս զի աղքատներուն դատը խոտորեն Ու իմ ժողովուրդիս տնանկներուն իրաւունքը յափշտակեն. Որպէս զի որբեւարիները իրենց աւար ըլլան Ու իրենք որբերը կողոպտեն։ Ուրեմն ի՞նչ պիտի ընէք այցելութեան օրը Եւ հեռուէն գալու կործանման ատենը։ Օգնութեան համար որո՞ւ պիտի դիմէք Ու ձեր փառքը ո՞ւր պիտի թողուք։ Առանց ինծի գերիներուն մէջ պիտի ծռին Ու սպաննուածներուն մէջ պիտի իյնան։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։ Վա՜յ Ասորեստանի թագաւորին, որ իմ բարկութեանս գաւազանը եղաւ Եւ որուն ձեռքի ցուպը իմ սրտմտութիւնս է։ Զանիկա կեղծաւոր ազգի մը վրայ պիտի ղրկեմ Ու հրաման պիտի տամ անոր այն ժողովուրդին դէմ, որուն սրդողած եմ, Որ հաւաքէ ու յափշտակութիւն ընէ Եւ զանոնք փողոցներուն ցեխին պէս կոխկռտէ։ Բայց անիկա այնպէս չի մտածեր Ու սրտովը այնպէս չի խորհիր. Հապա իր միտքը դրեր է որ կորսնցնէ Եւ շատ ազգեր բնաջինջ ընէ։ Վասն զի կ’ըսէ. «Միթէ իմ իշխաններս ամէնքն ալ թագաւորներ չե՞ն. Քաղանէն Քարքամիսին պէս չէ՞. Եմաթը Արփաթին պէս չէ՞. Սամարիան Դամասկոսին պէս չէ՞։ Իմ ձեռքս տիրեց կռապաշտ թագաւորութիւններուն, Որոնց կուռքերը Երուսաղէմի ու Սամարիայի կուռքերէն շատ էին։ Միթէ Սամարիային ու անոր կուռքերուն ըրածիս պէս, Երուսաղէմին ու անոր կուռքերուն ալ պիտի չընե՞մ»։ Երբ Տէրը Սիօն լերանը վրայ Ու Երուսաղէմի մէջ իր գործը կատարէ, Ասորեստանի թագաւորին հպարտացած սրտին պտուղը Եւ անոր ամբարտաւան աչքերուն փառքը պիտի պատժեմ։ Քանզի անիկա կ’ըսէ. «Ես իմ ձեռքիս ուժովը Ու իմ իմաստութիւնովս ըրի ասիկա, Որովհետեւ ես խելացի եմ։ Ազգերուն սահմանները վերցուցի Ու անոնց գանձերը յափշտակեցի Եւ զօրաւորի պէս բնակիչները նուաճեցի։ Ու իմ ձեռքս ժողովուրդներուն ստացուածքը բոյնի պէս գտաւ Եւ բոլոր երկիրը հաւաքեցի, Ինչպէս մէկը կը հաւաքէ թողուած հաւկիթները Եւ շարժող կամ բերան բացող Կամ ճիչ հանող մը չեղաւ»։ Միթէ տապարը իրմով կտրող մարդուն դէմ կը գոռոզանա՞յ. Կամ սղոցը զինք գործածողին դէմ կը հպարտանա՞յ։ Ասիկա այսպէս է ՝ որպէս թէ գաւազանը զինք վերցնողը շարժէր Եւ ցուպը բարձրացնէր զայն որ փայտ չէ։ Անոր համար Տէրը զօրքերու Տէրը Գէր մարդոց նիհարութիւն պիտի ղրկէ Ու անոր փառքին տակ հրդեհ մը պիտի վառէ Բոցավառ հրդեհի պէս։ Իսրայէլի Լոյսը՝ կրակ Ու անոր Սուրբը բոց պիտի ըլլայ։ Մէկ օրուան մէջ անոր փուշերն ու ցախերը Այրելով պիտի սպառէ Եւ անոր անտառին ու բարեբեր ագարակին փառքը, Հոգին ու մարմինը, պիտի հատցնէ Եւ ան մարող հիւանդի՝ ՝ պէս պիտի ըլլայ։ Անոր անտառին մէջ մնացած ծառերը քիչ պիտի ըլլան, Այնպէս որ տղայ մը կարենայ անոնց թիւը համրել։ Այն օրը, Իսրայէլին մնացորդը Ու Յակոբին տանը ազատուածները, Անգամ մըն ալ պիտի չապաւինին զիրենք զարնողին. Հապա ճշմարտութեամբ՝ Տէրոջը՝ Իսրայէլի Սուրբին պիտի ապաւինին։ Մնացորդը՝ Յակոբին մնացորդը, Հզօր Աստուծոյն պիտի դառնայ։ Վասն զի քու ժողովուրդդ, ո՛վ Իսրայէլ, թէեւ ծովու աւազին չափ ըլլայ, Անոնցմէ մնացորդ մը միայն պիտի դառնայ։ Նախասահմանեալ աւերումը արդարութեամբ պիտի յարձակի։ Քանզի զօրքերուն Տէր Եհովան՝ բոլոր երկրին մէջ Նախասահմանեալ աւերումը պիտի գործադրէ։ Անոր համար զօրքերուն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ո՛վ Սիօնի մէջ բնակող ժողովուրդ, Ասորեստանցիէն մի՛ վախնար։ Անիկա քեզ գաւազանով պիտի զարնէ Եւ իր ցուպը քու վրադ պիտի վերցնէ Եգիպտացիներուն նման՝ ՝։ Բայց շատ քիչ ժամանակի մէջ իմ բարկութիւնս պիտի դադրի Ու իմ սրտմտութիւնս անոնց կորուստին պիտի դառնայ ։ Զօրքերուն Տէրը անոր վրայ խարազան մը պիտի վերցնէ, Օրէբի վէմին քով Մադիամի հարուածին պէս։ Իր գաւազանը ծովուն վրայ պիտի վերցնէ, Ինչպէս ըրաւ Եգիպտոսի մէջ։ Այն օրը անոր բեռը քու կռնակէդ Ու անոր լուծը քու պարանոցէդ պիտի վերնայ Եւ լուծը գիրութեան պատճառով պիտի կոտրի»։ Անգէն քաղաքը եկաւ, Մագրոն անցաւ Ու իր կահ կարասիները Մաքմասի մէջ տեղաւորեց։ Անցքէն անցան, Գաբայի մէջ իջեւան ըրին։ Ռաման վախցաւ, Սաւուղին Գաբաան փախաւ։ Ո՛վ Գաղղիմի աղջիկ, ձայնդ վերցուր, Լայիսին լսել տուր, ո՛վ խեղճ Անաթովթ՝ ՝։ Մադմենան հեռացաւ, Գեբեմին բնակիչները փախան։ Տակաւին այսօր Նոբին մէջ պիտի կենայ, Դէպի Սիօնին աղջկան լեռը, Երուսաղէմին բլուրը, Ձեռքը պիտի շարժէ։ Ահա զօրքերու Տէր՝ Եհովան Ահաւոր զօրութեամբ գեղեցիկ ոստերը պիտի կտրէ Եւ բարձրահասակները պիտի կտրուին Ու բարձրերը պիտի ցածնան։ Եւ անիկա անտառին խիտ ծառերը երկաթով պիտի կտրէ Ու Լիբանան Հզօրին ձեռքով պիտի իյնայ։ Յեսսէին բունէն շառաւիղ մը պիտի ելլէ Եւ անոր արմատէն ընձիւղ մը պիտի բուսնի Ու անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, Իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, Խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, Գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։ Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի Եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ Ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. Հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ Ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ։ Իր բերնին գաւազանովը երկիրը պիտի զարնէ Ու իր շրթունքներուն հոգիովը ամբարիշտը պիտի մեռցնէ։ Իր մէջքին գօտին՝ արդարութիւնը Ու իր երիկամունքներուն գօտին հաւատարմութիւնը պիտի ըլլայ։ Գայլը գառին հետ պիտի բնակի Ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Հորթն ու առոյգ առիւծը եւ պարարտ զուարակը մէկտեղ պիտի արածին Ու զանոնք պզտիկ տղայ մը պիտի քշէ։ Կովը արջին հետ պիտի ճարակի, Անոնց ձագերը մէկտեղ պիտի պառկին։ Առիւծը արջառի պէս յարդ պիտի ուտէ Ու կաթնկեր տղան իժին ծակին վրայ պիտի խաղայ Եւ կաթէն կտրուածը ձեռքը քարբին բոյնին վրայ պիտի դնէ։ Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. Քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։ Այն օրը Յեսսէին արմատը պիտի կանգնի ժողովուրդներուն դրօշակ ըլլալու համար։ Ազգերը զանիկա պիտի փնտռեն Ու անոր հանգիստը փառաւոր պիտի ըլլայ։ Եւ այն օրը Տէրը նորէն իր ձեռքը պիտի երկնցնէ, Որպէս զի Ասորեստանէն, Եգիպտոսէն, Պաթուրէսէն, Եթովպիայէն, Եղամէն, Սենաարէն, Եմաթէն Ու ծովուն կղզիներէն իրեն առնէ Իր ժողովուրդին մնացորդը։ Եւ ազգերուն դրօշակը պիտի վերցնէ Ու Իսրայէլին աքսորուածները պիտի հաւաքէ Ու երկրին չորս անկիւններէն Յուդային ցրուածները պիտի հաւաքէ։ Եփրեմին նախանձը պիտի վերնայ Եւ Յուդան նեղողները պիտի կորսուին. Եփրեմը պիտի չնախանձի Յուդային։ Յուդան պիտի չնեղէ Եփրեմը. Հապա անոնք դէպի արեւմուտք Փղշտացիներուն ուսերուն վրայ պիտի թռչին Ու մէկտեղ արեւելքի բնակիչները պիտի կողոպտեն։ Եդովմին ու Մովաբին վրայ ձեռքերնին պիտի երկնցնեն Ու Ամմոնին որդիները անոնց պիտի հնազանդին։ Տէրը Եգիպտոսին ծովին լեզուն պիտի կործանէ Եւ իր հովին սաստիկ զօրութիւնովը ձեռքը գետին վրայ պիտի շարժէ Ու զանիկա եօթը ձորի բաժնելով պիտի զարնէ, Այնպէս որ անոր վրայ կօշիկներով քալուի։ Իր ժողովուրդին մնացորդին համար Բանուկ ճամբայ մը պիտի ըլլայ Ասորեստանէն, Ինչպէս եղաւ Իսրայէլին, Այն օրը՝ երբ Եգիպտոսէն ելան։ Այն օրը պիտի ըսես. «Ո՛վ Տէր, քեզ պիտի օրհնեմ, Քանի որ թէեւ ինծի բարկացած էիր՝ Սակայն բարկութիւնդ ինծմէ դարձուցիր Եւ զիս մխիթարեցիր։ Ահա իմ փրկութիւնս Աստուած է։ Ես անոր պիտի վստահիմ ու պիտի չվախնամ, Քանզի իմ զօրութիւնս ու օրհնութիւնս Տէր Եհովան է Ու անիկա է իմ փրկութիւնս»։ Ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք Փրկութեան աղբիւրներէն. Ու այն օրը պիտի ըսէք. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անո՛ւնը կանչեցէք, Անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք, Յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է։ Տէրոջը սաղմոս ըսէ՛ք, Վասն զի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ։ Ասիկա բոլոր երկրի մէջ գիտցուած է։ Ո՛վ Սիօնի բնակիչներ, աղաղակեցէ՛ք ու ցնծացէ՛ք, Քանզի Իսրայէլի Սուրբը մեծ է ձեր մէջ»։ Բաբելոնին համար տրուած պատգամը, որ Ամովսին որդիին Եսայիին յայտնուեցաւ։ Մերկ լերանը վրայ դրօշակ տնկեցէ՛ք, Բարձր ձայնով կանչեցէք անոնց, Ձեռքով նշան ըրէք, որպէս զի իշխաններուն դռները մտնեն։ Իմ որոշածներուս հրաման ըրի. Իմ զօրաւորներս, իմ փառքիս համար ուրախացողները, Իմ բարկութիւնս գործադրելու կանչեցի։ Լեռներուն վրայ բազմութեան ձայն մը կայ, Մեծ ժողովուրդի մը ձայնին պէս, Մէկտեղ հաւաքուած ազգերու թագաւորութիւններուն աղմուկին ձայնը կայ. Զօրքերու Տէրը պատերազմի համար իր զօրքերը աչքէ կ’անցնէ։ Հեռաւոր երկրէն, երկնքի ծայրէն, Տէրը ու անոր բարկութեանը գործիքները Բոլոր երկիրը աւերելու կու գան։ Ողբացէ՛ք, վասն զի Տէրոջը օրը մօտ է. Անիկա Ամենակարողէն եկած աւերման պէս պիտի գայ։ Անոր համար բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան Ու ամէն մարդու սիրտ պիտի հալի։ Անոնք պիտի սոսկան։ Նեղութիւն ու անձկութիւն պիտի տիրէ անոնց, Ծննդական կնոջ պէս ցաւ պիտի քաշեն։ Ամէն մարդ իր ընկերին վրայ պիտի նայի ու ապշի։ Անոնց երեսները բոցագոյն պիտի ըլլան։ Ահա Տէրոջը օրը կու գայ՝ Անգթութեամբ, սրտմտութեամբ եւ սաստիկ բարկութեամբ, Որպէս զի երկիրը աւերակ դարձնէ Ու մեղաւորները անկէ բնաջինջ ընէ։ Վասն զի երկնքի աստղերն ու անոնց համաստեղութիւնները Իրենց լոյսը պիտի չտան։ Արեւը իր ելած ատենը պիտի խաւարի Եւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ Ես պիտի պատժեմ աշխարհը իր չարութեանը համար Եւ ամբարիշտները՝ իրենց անօրէնութեանը համար։ Հպարտներուն ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ Եւ բռնաւորներուն գոռոզութիւնը պիտի ցածցնեմ։ Մարդը զուտ ոսկիէն Ու Ոփիրի ոսկիէն պատուական պիտի ընեմ։ Ուստի պիտի սարսեմ երկինքը Ու երկիր իր տեղէն պիտի սասանի Զօրքերու Տէրոջը սրտմտութիւնովը՝ Անոր սաստիկ բարկութեանը օրը։ Բաբելոնի բնակիչները հալածուած այծեամի պէս պիտի ըլլան Ու մոլորած ոչխարներու պէս, ու զանոնք հաւաքող մը պիտի չըլլայ։ Անոնց ամէն մէկը իր ժողովուրդին պիտի դառնայ Եւ ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։ Ով որ գտնուի՝ պիտի խոցուի Եւ ով որ գտնուի՝ սուրով պիտի իյնայ։ Անոնց տղաքը աչքերնուն առջեւ գետինը պիտի զարնուին, Անոնց տուները պիտի կողոպտուին Եւ անոնց կիները պիտի պղծուին։ Ահա անոնց դէմ Մարերու ազգը ոտքի պիտի հանեմ, Որոնք արծաթը բանի տեղ չեն դներ Ու ոսկիէն չեն ախորժիր։ Անոնց աղեղները երիտասարդները պիտի խոցեն Ու անոնք որովայնի պտուղին գթութիւն պիտի չընեն։ Անոնց աչքը պիտի չգթայ տղաքներուն։ Թագաւորութիւններուն փառքը Եւ Քաղդէացիներուն փառաւորութեանը պարծանքը եղող Բաբելոնը Տակնուվրայ պիտի ըլլայ, Ինչպէս Աստուած Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։ Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ Եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի։ Հոն Արաբացիները վրան պիտի չկանգնեցնեն Եւ հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն. Հապա հոն վայրենի կատուներ՝ ՝ պիտի պառկին Ու անոնց տուները ոռնացող անասուններով պիտի լեցուին Եւ հոն ջայլամներ պիտի բնակին Ու հոն այծամարդեր պիտի կաքաւեն։ Անոր պալատներուն մէջ բորենիներ Ու զբօսանքի տուներուն մէջ ճագարներ պիտի կանչուըռտեն։ Եւ անոր ժամանակը հասնելու վրայ է Ու անոր օրերը ա՛լ պիտի չերկննան։ Վասն զի Տէրը պիտի ողորմի Յակոբին Եւ Իսրայէլը նորէն պիտի ընտրէ Ու զանոնք իրենց երկրին վրայ պիտի հանգստացնէ. Օտարազգիները պիտի միանան անոնց Ու Յակոբին տանը պիտի յարին։ Ժողովուրդները պիտի առնեն ու իրենց տեղը պիտի տանին։ Իսրայէլին տունը պիտի ժառանգէ զանոնք Տէրոջը երկրին վրայ, Իբրեւ ծառաներ եւ աղախիններ Եւ անոնք զիրենք գերի տանողները գերի պիտի առնեն Ու իրենց բռնութիւն ընողներուն վրայ պիտի տիրեն։ Երբ Տէրը քեզ հանգստացնէ քու աշխատանքէդ, տանջանքէդ ու քու վրադ դրուած ծանր ծառայութենէն, Բաբելոնի թագաւորին համար այս առակը խօսիր ու ըսէ՛. Ի՜նչպէս դադրեցաւ բռնութիւն ընողը, Ի՜նչպէս դադրեցաւ հարկապահանջ քաղաքը ։ Տէրը՝ ամբարիշտներուն գաւազանը Ու իշխողներուն ցուպը կոտրեց։ Սրտմտութեամբ եւ անդադար հարուածով ազգերը զարնողը, Բարկութեամբ ժողովուրդներուն վրայ իշխողը Հիմա կը հալածուի ու արգիլող մը չկայ։ Բոլոր երկիրը հանգստացաւ ու հանդարտեցաւ Եւ ցնծութեան ձայներ կը հանեն։ Նաեւ մայրիները ու Լիբանանի եղեւինները Քեզի համար կ’ուրախանան ու կ’ըսեն. ‘Քանի որ դուն պառկեր ես, Մեր վրայ փայտ կտրող չելաւ’։ Դժոխքը վարէն քեզի համար դղրդեցաւ, Որպէս զի քու գալուստդ դիմաւորէ։ Քեզի համար արթնցուց մեռելները, Երկրի բոլոր իշխանները Եւ բոլոր ազգերուն թագաւորները Իրենց աթոռներէն վերցուց։ Անոնք պիտի պատասխանեն ու քեզի ըսեն. ‘Միթէ դո՞ւն ալ մեզի պէս տկարացար Ու մեզի նմանեցար’։ Քու փառքդ եւ տաւիղներուդ ձայնը գերեզմանը իջան. Քու տակդ զեռուններ տարածուեցան Ու որդերը քեզ կը ծածկեն։ Ով առտուն ծագող Արուսեակ, Ի՜նչպէս երկնքէն ինկար Ու մինչեւ գետինը կործանեցար, Դուն որ ազգերը նկուն կ’ընէիր։ Դուն սրտիդ մէջ ըսած էիր. ‘Երկինքը պիտի ելլեմ Ու իմ աթոռս Աստուծոյ աստղերէն վեր պիտի բարձրացնեմ Եւ ժողովի լեռը, հիւսիսի քովերը պիտի բնակիմ. Ամպերու բարձրութիւններուն վրայ պիտի ելլեմ, Բարձրելոյն պիտի նմանիմ’։ Բայց ահա դժոխքը կ’իջնես, գուբին խորունկ տեղերը։ Քեզ տեսնողները քու վրադ պիտի զարմանան Ու քեզի նայելով պիտի ըսեն. ‘Աս այն մարդն է, որ երկիրը կը սարսէր, Թագաւորութիւնները կը դողացնէր, Աշխարհս անապատ կը դարձնէր, Անոր քաղաքները աւերակ կ’ընէր Ու իր գերիները տուներնին չէր ղրկեր’։ Ազգերուն բոլոր թագաւորները Ամէն մէկը պատուով իր տանը մէջ կը պառկի։ Բայց դուն գարշելի ընձիւղի մը պէս, Գուբի քարերուն մէջ իջնող, Սուրով խոցուած մեռելներուն հանդերձին պէս, Ոտքի տակ կոխուած դիակի պէս Քու գերեզմանէդ դուրս նետուեցար։ Դուն թաղումով անոնց հետ չմիացար, Քանզի քու երկիրդ աւերեցիր Ու ժողովուրդդ սպաննեցիր։ Չարերուն սերունդը յաւիտեան պիտի չյիշուի։ Կոտորած պատրաստեցէ՛ք անոր տղոցը, Իրենց հայրերուն անօրէնութեանը համար, Որպէս զի չելլեն ու երկիրը չժառանգեն Եւ աշխարհի երեսը թշնամիներով չլեցնեն»։ Քանզի զօրքերու Տէրը կ’ըսէ. «Անոնց վրայ պիտի ելլեմ Եւ Բաբելոնի անունն ու մնացորդը Եւ զաւակն ու սերունդը պիտի բնաջնջեմ։ Զանիկա՝ ոզնիներուն ժառանգութիւն Ու ջուրի լճակներ պիտի ընեմ Եւ կորստեան աւելով պիտի աւլեմ զանիկա»։ Զօրքերու Տէրը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Ինչպէս ծրագրեցի, անշուշտ այնպէս պիտի ըլլայ Ու ինչ որ որոշեցի, ա՛ն պիտի կատարուի։ Ասորեստանցին իմ երկրիս մէջ պիտի կոտորեմ Ու զանիկա լեռներուս վրայ պիտի կոխկռտեմ Եւ անոր լուծը անոնց վրայէն պիտի վերնայ Ու անոր բեռը՝ անոնց ուսէն»։ Բոլոր երկրի համար որոշուած նախասահմանութիւնը ասիկա է։ Բոլոր ազգերուն վրայ երկնցած ձեռքը ասիկա է։ Քանի որ զօրքերու Տէրը նախասահմանեց, Ո՞վ կրնայ զանիկա խափանել։ Անոր ձեռքը երկնցած է, Ո՞վ կրնայ զանիկա ետ դարձնել։ Աքազ թագաւորին մահուան տարին այս պատգամը եղաւ. «Ո՛վ Փղշտացիներու երկիր, Քեզ զարնողին գաւազանը կոտրուելուն համար մի՛ ուրախանար. Քանզի օձին արմատէն քարբ պիտի ելլէ Ու անոր պտուղը կիզող թեւաւոր օձ պիտի ըլլայ։ Աղքատներուն անդրանիկները պիտի կերակրուին Ու չքաւորները ապահովութեամբ պիտի պառկին։ Քու արմատդ սուրով պիտի կորսնցնեմ Ու անիկա քու մնացորդդ պիտի մեռցնէ։ Ողբա՛, ո՛վ դուռ, աղաղակէ՛, ո՛վ քաղաք, Դո՛ւն, ո՛վ Փղշտացիներու երկիր, տակնուվրայ պիտի ըլլաս, Քանզի հիւսիսէն ծուխ մը կու գայ Ու անոր զօրքերէն փախստական մը պիտի չըլլայ»։ Ազգերու դեսպաններուն ի՞նչ պատասխան պիտի տրուի. «Տէրը Սիօնի հիմերը հաստատեց Ու անոր ժողովուրդին աղքատները հոն պիտի ապաստանին»։ Մովաբին պատգամը։ Յիրաւի Մովաբին Ար քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ. Յիրաւի Մովաբին Կիր քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ։ Անիկա տաճարն ու Դեբոն Եւ բարձր տեղերը ելաւ լալու համար։ Մովաբ պիտի ողբայ Նաբաւի ու Մեդաբայի համար։ Անոր բոլոր գլուխները կնտակ պիտի ըլլան, Ամէն մօրուք պիտի կտրուի։ Անոր փողոցներուն մէջ քուրձ պիտի հագնին, Անոր տանիքներուն ու հրապարակներուն մէջ Ամէնքը պիտի ողբան ու լան, Եսեբոնն ու Եղէաղէն պիտի աղաղակեն։ Անոնց ձայնը մինչեւ Յասսա պիտի լսուի։ Անոր համար Մովաբին սպառազէնները պիտի կոծեն, Իրենց հոգին պիտի խռովուի։ Իմ սիրտս Մովաբին համար պիտի աղաղակէ։ Անոր փախստականները երեք տարեկան երինջի պէս մինչեւ Սեգովը պիտի փախչին. Քանզի Ղուիթին զառիվերէն լալով պիտի ելլեն, Վասն զի Որոնայիմի ճամբան կոտորածի աղաղակ պիտի հանեն։ Քանզի Նեմերիմին ջուրերը կ’աւրուին, Քանզի խոտը կը չորնայ, կանանչ խոտը կը հատնի Ու կանանչեղէն չի մնար։ Անոր համար իրենց ստացած հարստութիւնը Ու բոլոր պահածնին ուռիներուն ձորը պիտի տանին. Քանզի աղաղակը շրջապատեց Մովաբին սահմանը։ Անոր ողբը՝ մինչեւ Եգլայիմ, Անոր ողբը մինչեւ Բերելիմ հասաւ ։ Քանզի Դեմոնին ջուրերը արիւնով պիտի լեցուին. Քանզի Դեմոնին վրայ աւելի չարիք Ու Մովաբէն ազատուածներուն Ու երկրին մնացորդին վրայ առիւծներ պիտի ղրկեմ։ Ղրկեցէ՛ք գառը երկրին տիրողին, Վէմէն անապատին ճամբով Սիօնին աղջկան լեռը։ Մովաբին աղջիկները Առնոնին անցքերուն քով՝ Բոյնէն վռնտուած թափառական թռչունի պէս պիտի ըլլան։ «Խորհո՛ւրդ տուր, դատաստա՛ն ըրէ։ Քու հովանիդ կէսօրուան ատեն գիշերի պէս դի՛ր, Աքսորուածները պահէ՛ ու փախստականները մի՛ յանձներ։ Աքսորուածները թող քու քովդ պանդուխտի պէս բնակին, ո՛վ Մովաբ. Դուն զանոնք ծածկէ հալածողէն։ Քանզի բռնաւոր չմնաց, աւերողը պակսեցաւ Եւ կոխկռտողները երկրին վրայէն վերցուեցան։ Աթոռը ողորմութեամբ պիտի հաստատուի Եւ անոր վրայ Դաւիթին խորանին մէջ Այնպիսի դատաւոր մը պիտի նստի ճշմարտութեամբ, Որ իրաւունքը պիտի փնտռէ Ու արդարութիւնը շուտով պիտի գործադրէ»։ Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք։ Անիկա խիստ ամբարտաւան է։ Անոր գոռոզութիւնը, ամբարտաւանութիւնն ու սրտմտութիւնը լսեցինք ։ Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ են։ Այս պատճառով Մովաբ պիտի ողբայ, Ամէնքը պիտի ողբան Մովաբին համար։ Կիրհարէսէթին հիմերուն վրայ պիտի հեծեծէք, Անոնք իրապէս կործանուած են։ Քանզի Եսեբոնին դաշտերը նուաղեցան. Ազգերու իշխանները Սեբամային որթատունկին ամենէն պատուական ճիւղերը կոտրեցին, Որոնք մինչեւ Յազեր հասեր էին եւ անապատը շրջապատեր էին։ Անոր շառաւիղները երկննալով՝ ծովէն անցեր էին։ Ասոր համար Սեբամային որթատունկին վրայ Յազերին լացովը պիտի լամ. Ձեզ աչքիս արցունքովը պիտի ոռոգեմ, ո՛վ Եսեբոն ու Եղէաղէ, Վասն զի ձեր ամառնային պտուղին ու հունձքին համար եղած աղաղակը դադրեցաւ։ Պտղաբեր արտերէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան, Այգիներու մէջ երգերու եւ ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։ Հնձանի մէջ ա՛լ գինի պիտի չկոխեն։ Անոնց աղաղակը վերջացուցի։ Այս պատճառով իմ հոգիս՝ Մովաբին համար Ու սիրտս Կիրհարէսէթին համար քնարի պէս ձայն պիտի տայ։ Այն ատեն պիտի երեւնայ Թէ ինչպէս Մովաբ իր բարձր տեղը երթալով պիտի յոգնի Ու իր սրբարանը պիտի մտնէ աղօթք ընելու համար, Բայց օգուտ մը պիտի չունենայ։ Այս է այն խօսքը որ Տէրը շատոնց Մովաբին համար ըսեր էր։ Բայց հիմա Տէրը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Երեք տարուան մէջ, վարձկանի տարիներու պէս, Մովաբին փառքը պիտի անարգուի Այն բոլոր մեծ բազմութիւնովը Եւ մնացորդը խիստ փոքր ու տկար պիտի ըլլայ»։ Դամասկոսին պատգամը։ «Ահա Դամասկոսը քաղաք ըլլալէ պիտի դադրի Ու աւերակի շեղջ մը պիտի ըլլայ։ Անոր քաղաքները պիտի լքուին, Հօտերու փարախներ պիտի ըլլան, Որպէս զի անոնք պառկին ու վախցնող չըլլայ։ Եփրեմի պարիսպը պիտի վերնայ Եւ Դամասկոսի ու Ասորիներու մնացորդէն՝ թագաւորութիւնը։ Անոնք Իսրայէլի որդիներուն փառքին պէս պիտի ըլլան», Կ՛ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Այն օրը Յակոբին փառքը պիտի պակսի Ու անոր մարմնին գիրութիւնը պիտի նիհարնայ։ Այնպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս հնձողը, երբ ցորեն կը հնձէ, Թեւին վրայ հասկերը կը ժողվէ։ Ռափայիններուն հովիտը հասկեր քաղողին պէս պիտի ըլլայ։ Ինչպէս ձիթենին կը թօթուեն Ու բարձր ոստին ծայրը՝ երկու երեք հատ Եւ խիստ պտղաբեր ոստին վրայ չորս հինգ հատ կը մնայ, Անոր վրայ ալ միայն ճիռեր պիտի մնան», Կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը։ Այն օրը մարդիկ իրենց Ստեղծիչին պիտի նային Ու իրենց աչքերը Իսրայէլին Սուրբը պիտի դիտեն։ Եւ իրենց ձեռագործ սեղաններուն վրայ պիտի չնային։ Իրենց մատներուն շինածը, Թէ՛ Աստարովթին կուռքերը, Թէ՛ արեգակին կուռքերը պիտի չդիտեն։ Այն օրը անոր ամուր քաղաքները, Իսրայէլի որդիներուն երեսէն լքուած Անպիտան թուփերու եւ բարձր ոստերու պիտի նմանին Ու աւերակ պիտի ըլլան։ Քանի որ դուն քու փրկութեանդ Աստուածը մոռցար Եւ քու զօրութեանդ Վէմը չյիշեցիր, Անոր համար հաճելի տունկեր պիտի տնկես Եւ օտար երկրէ բերուած տունկեր պիտի տնկես։ Տնկածդ ցորեկը պիտի աճեցնես Ու ցանածդ առաւօտուն պիտի բուսցնես, Բայց բերքին օրը հունձքը պիտի պակսի Եւ սաստիկ տրտմութիւն պիտի ըլլայ։ Վա՜յ շատ ժողովուրդներու բազմութեանը, Որոնք ծովու ձայնին պէս կը գոռան Ու վա՜յ ժողովուրդներու աղմուկին՝ Որոնք սաստիկ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն։ Ժողովուրդները շատ ջուրերու ձայնին պէս կը գոչեն, Բայց Աստուած զանոնք պիտի յանդիմանէ. Ուստի հեռու պիտի փախչին Ու լեռներուն վրայի մղեղին պէս հովին երեսէն Եւ մրրիկին առջեւէն քշուած փոշի ին պէս պիտի հալածուին։ Ու իրիկունները խռովութիւն պիտի գայ Ու առտու չեղած բնաջինջ պիտի ըլլան։ Մեզ յափշտակողներուն բաժինը Ու մեզ կողոպտողներուն վիճակը ասիկա է։ Ո՛վ Եթովպիացիներու գետերուն անդիի կողմը եղող Թեւերով հովանաւոր երկիր, Որ ծովէն՝ պրտուեղէն նաւակներով Ջուրի երեսին վրայէն դեսպաններ կը ղրկէ։ Ո՛վ արագընթաց դեսպաններ, գացէ՛ք Երկայնահասակ ու լերկ՝ ՝ ազգին, Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահեղ ժողովուրդին, Խիստ զօրաւոր ու ամէնքը կոխկռտող ազգին, Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն։ Ո՛վ աշխարհի բնակիչներ, Ու երկրի վրայ բնակողներ, Երբ լեռներուն վրայ դրօշակ բարձրացուի՝ նայեցէ՛ք Ու երբ փող հնչուի՝ լսեցէ՛ք։ Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Ես հանգիստ պիտի ըլլամ ու իմ բնակարանէս պիտի նայիմ՝ Խոտի վրայի՝ ՝ պայծառ տաքութեանը պէս Ու հունձքերու տաքութեանը մէջ ցօղաբեր ամպի պէս»։ Քանզի հունձքի ժամանակէն առաջ, Երբ ընձիւղը մեծնայ Ու ծաղիկը ազոխ ըլլալով հասնելու ըլլայ, Անիկա ճիւղերը յօտոցով պիտի կտրէ Եւ ուռերը պիտի փրցնէ նետէ։ Անոնք մէկտեղ լեռներու թռչուններուն Ու երկրի գազաններուն պիտի թողուին։ Թռչունները ամառը անոնց վրայ պիտի անցընեն Ու երկրի բոլոր գազանները անոնց վրայ պիտի ձմեռեն։ Այն ժամանակ զօրքերու Տէրոջը ընծայ պիտի բերուի՝ Երկայնահասակ ու լերկ ժողովուրդէն՝ Սկիզբէն մինչեւ հիմա ահեղ ժողովուրդէն՝ Խիստ զօրաւոր ու ամէնքը կոխկռտող ազգէն, Որուն երկիրը գետերը կը կտրեն՝ Զօրքերու Տէրոջը անուանը տեղ՝ Սիօն լեռը՝ ընծայ պիտի բերեն։ Եգիպտոսին պատգամը։ Ահա Տէրը թեթեւընթաց ամպի վրայ հեծեր է Ու Եգիպտոս կը մտնէ։ Անոր երեսէն Եգիպտոսին կուռքերը պիտի սարսռան Ու Եգիպտոսին սիրտը իր ներսիդին պիտի հալի։ «Եգիպտացիները պիտի գրգռեմ Եգիպտացներուն դէմ։ Ամէն մէկը իր եղբօրը հետ եւ ամէն մէկը իր ընկերին հետ, Քաղաք քաղաքի հետ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան հետ Պատերազմ պիտի ընէ։ Եգիպտոսին ոգին իր ներսիդին պիտի նուաղի Եւ ես անոր խորհուրդը պիտի ցրուեմ։ Անոնք կուռքերու, կախարդներու, Վհուկներու ու նշանագէտներու պիտի հարցնեն։ Եգիպտացիները խստասիրտ տիրոջ մը ձեռքը պիտի մատնեմ։ Անոնց վրայ անգութ թագաւորութիւն պիտի տիրէ», Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Եհովան։ Եւ ջուրերը ծովէն պիտի պակսին Ու գետը պիտի ցամքի ու չորնայ։ Գետերուն ջուրերը պիտի քաշուին՝ ՝ Ու պարսպապատ քաղաքներուն ՝ ՝ գետերը պիտի պարպուին ու չորնան, Եղէգն ու պրտուն պիտի թառամին։ Գետին քով ու գետին եզերքին վրայ եղող մարգարիտները Եւ գետին բոլոր վարուցանը Պիտի չորնան, ցիրուցան ըլլան ու կորսուին։ Ձկնորսներն ալ պիտի հեծեն Ու գետին բոլոր կարթընկէցները պիտի ողբան, Ջուրին վրայ ցանց նետողները պիտի տրտմին։ Բարակ քթան գործողները Ու ճերմակ կտաւ հինողները պիտի ամչնան։ Անոր սիւները պիտի կոտրտին Ու բոլոր վարձք առնողներուն հոգին պիտի տրտմի։ Իրաւ որ Տայանիսին իշխանները յիմարներ են. Փարաւոնին իմաստուն խորհրդականներուն խորհուրդը անասնական է։ Ի՞նչպէս Փարաւոնին կրնաք ըսել՝ «Ես իմաստուններու որդի եմ, Ես հին թագաւորներու որդի եմ»։ Արդ՝ ո՞ւր են քու իմաստուններդ, Որ հիմա քեզի պատմեն ու իմացընեն Թէ զօրքերու Տէրը ի՛նչ վճռեր է Եգիպտոսին համար։ Տայանիսին իշխանները յիմարացան. Մեմփիսին իշխանները խաբուեցան. Իր ցեղերուն գլխաւորները Եգիպտոսը մոլորեցուցին։ Տէրը անոր մէջ մոլորութեան ոգի խառնեց Ու անոնք Եգիպտոսը իր ամէն գործի մէջ մոլորեցուցին, Ինչպէս փսխող գինովը կը մոլորի։ Եգիպտոսի մէջ գործ պիտի չըլլայ, Որ գլուխ կամ պոչ եղողը Արմաւենիի ոստ կամ կնիւն գործէ։ Այն օրը Եգիպտոս կիներու պէս պիտի ըլլայ Ու պիտի դողայ եւ զարհուրի Զօրքերու Տէրոջը ձեռքին շարժումէն, Որ պիտի բարձրացնէ անոր վրայ։ Յուդային երկիրը Եգիպտացիներուն արհաւիրք պիտի ըլլայ։ Ով որ զանիկա յիշէ՝ պիտի վախնայ Զօրքերու Տէրոջը խորհուրդին պատճառով, Որ անոր դէմ սահմաներ է։ Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Քանանի լեզուն խօսող Եւ զօրքերու Տէրոջը անունովն երդում ընող Հինգ քաղաք պիտի ըլլայ։ Մէկը Արեգ քաղաք պիտի կոչուի։ Այն օրը Եգիպտոսի մէջ Տէրոջը համար սեղան Ու անոր սահմանին քով Տէրոջը համար կոթող մը պիտի ըլլայ։ Անիկա Եգիպտացիներու երկրին մէջ Զօրքերու Տէրոջը համար նշան ու վկայութիւն պիտի ըլլայ. Վասն զի բռնաւորներուն պատճառով Տէրոջը պիտի աղաղակեն Ու անիկա ազատարար մը ու մեծ մարդ մը ղրկելով անոնց՝ պիտի ազատէ զանոնք։ Տէրը Եգիպտոսի մէջ պիտի յայտնուի Ու Եգիպտացիները պիտի ճանչնան Տէրը Եւ զոհեր ու պատարագներ պիտի մատուցանեն Եւ Տէրոջը ուխտ պիտի ընեն ու կատարեն։ Տէրը Եգիպտացիները պիտի զարնէ։ Պիտի զարնէ բայց պիտի բժշկէ Եւ անոնք Տէրոջը պիտի դառնան Ու անիկա պիտի ընդունի զանոնք ու պիտի բշկէ։ Այն օրը Եգիպտոսէն դէպի Ասորեստան բանուկ ճամբայ պիտի ըլլայ Ու Ասորեստանցիները Եգիպտոս ու Եգիպտացիները Ասորեստան պիտի երթան Ու Եգիպտացիները Ասորեստանցիներուն հետ Աստուծոյ պիտի ծառայեն։ Այն օրը Իսրայէլ երրորդ պիտի ըլլայ Եգիպտոսի ու Ասորեստանի հետ Ու երկրին մէջ օրհնութիւն պիտի ըլլայ։ Քանզի զօրքերու Տէրը զանիկա պիտի օրհնէ Ու պիտի ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ ժողովուրդս՝ Եգիպտոս Ու իմ ձեռքերուս գործը՝ Ասորեստան Եւ իմ ժառանգութիւնս՝ Իսրայէլ»։ Երբ Տարաթան Ասորեստանի Սարգոն թագաւորէն զրկուելով՝ Ազովտոս գնաց ու Ազովտեսին դէմ պատերազմեցաւ ու առաւ, Այն ժամանակ Տէրը Ամովսի որդիին Եսայիին միջոցով խօսեցաւ՝ ըսելով. «Գնա՛, մէջքէդ քուրձդ հանէ՛ ու ոտքերէդ կօշիկներդ»։ Անիկա այնպէս ըրաւ եւ սկսաւ մերկ ու բոկոտն շրջիլ։ Տէրը ըսաւ. «Ինչպէս իմ ծառաս Եսայի երեք տարի մերկ ու բոկոտն շրջեցաւ, որպէս զի Եգիպտոսի ու Եթովպիայի համար նշան ու ցոյց ըլլայ, Այնպէս ալ Ասորեստանի թագաւորը Եգիպտացիները պիտի գերէ ու Եթովպիացիները պիտի աքսորէ երիտասարդներն ու ծերերը՝ մերկ, բոկոտն եւ իրենց ամօթոյքը բաց՝ Եգիպտոսի նախատինք պիտի ըլլան։ Անոնք պիտի սոսկան ու ամչնան Եթովպիայէն, որ իրենց ապաւէնն էր ու Եգիպտոսէն, որ իրենց փառքն էր։ Այն օրը այս ծովեզերեայ երկրին բնակիչները պիտի ըսեն. ‘Ահա այսպէս եղաւ մեր ապաստանարանը՝ ուր մենք Ասորեստանի թագաւորին երեսէն ազատելու համար ու օգնութիւն գտնելու համար փախանք։ Ուրեմն մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք’»։ Ծովուն անապատին պատգամը։ Հարաւէն յարձակող մրրիկներուն պէս Անիկա անապատէն, սոսկալի երկրէն կու գայ։ Ինծի վշտալի տեսիլք մը յայտնուեցաւ։ Յափշտակողը կը յափշտակէ ու կործանողը կը կործանէ։ Ո՛վ Եդեմացիներ, վե՛ր ելէք. ո՛վ Մարեր, պաշարեցէ՛ք։ Անոր պատճառած բոլոր հառաչանքը դադրեցուցի։ Ասոր համար երիկամունքս ցաւով լեցուեցաւ Ու ծննդական կնոջ ցաւերուն պէս ցաւեր բռնեցին զիս։ Այնպէս կծկուած եմ, որ չեմ կրնար լսել, Այնպէս խռոված եմ, որ չեմ կրնար տեսնել՝ ՝։ Սիրտս շփոթեցաւ, արհաւիրքը զիս դողացուց. Իմ ուրախութեանս գիշերը ինծի սրտադողի գիշեր ըրաւ։ Սեղան կը պատրաստեն, դէտեր կը դնեն, կ’ուտեն կը խմեն. Ելէ՛ք, ո՛վ իշխաններ, վահանները օծեցէ՛ք։ Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Գնա՛, դէտ մը դի՛ր, որ տեսածը պատմէ»։ Անիկա հեծեալներ տեսաւ, երկու ձիաւոր Ու էշերու վրայ հեծեալներ եւ ուղտերու վրայ հեծեալներ։ Ուշադրութեամբ, մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ Ու աղաղակեց առիւծի պէս. «Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ Ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ։ Ահա հեծեալ մարդիկ, Երկու ձիաւոր՝ կու գան»։ Նաեւ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ Ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները Կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան »։ Ով իմ ժողովուրդս՝ ցորենի նման կամնուած ու հոսուած, Ես ձեզի պատմեցի, ինչ որ լսած էի Զօրքերու Տէրոջմէն, Իսրայէլի Աստուծմէն։ Սէիրէն ձայն մը կու գայ ինծի. «Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր, Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր կայ »։ Պահապանը կ’ըսէ. «Առաւօտը կու գայ ու նաեւ գիշերը. Եթէ կ’ուզէք հարցնել, հարցուցէ՛ք. Դարձէ՛ք ու եկէ՛ք»։ Արաբիայի անտառին մէջ գիշերը պիտի անցընէք, Ո՛վ Դեդանացիներու կարաւաններ։ Ո՛վ Թեմայի երկրի բնակիչներ, Ծարաւին առջեւ ջրով ելէ՛ք, Փախստականին առջեւ հացով եկէ՛ք։ Վասն զի անոնք կը փախչին սուրերու առջեւէն, Քաշուած սուրին առջեւէն Ու լարուած աղեղին առջեւէն Եւ սաստիկ պատերազմին առջեւէն։ Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Մէկ տարուան մէջ՝ վարձկանի տարիներու պէս՝ Կեդարին բոլոր փառքը պիտի վերջանայ Ու աղեղնաւորներուն՝ մնացած թիւը, Կեդարին որդիներուն զօրաւոր մարդիկը պիտի քիչնան, Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը խօսեցաւ»։ Հիմա ձեզի ի՞նչ եղաւ, Որ ամէնքդ տանիքներու վրայ ելաք։ Ով խռովութեամբ լեցուած Աղմուկի քաղաք՝ զբօսասէր քաղաք Քու սպաննուածներդ սուրով սպաննուած չեն Ու պատերազմի մէջ չմեռան։ Բոլոր իշխաններդ մէկէն փախան, Աղեղնաւորներէն կապուեցան։ Քու ժողովուրդիդ հեռու փախչողներէն Բոլոր գտնուածները մէկտեղ կապուեցան։ Անոր համար ըսի. «Թո՛ղ տուէք զիս, որ դառնապէս լամ։ Իմ ժողովուրդիս աղջկան կործանումին համար Զիս մխիթարելու մի՛ աշխատիք»։ Քանզի տեսիլքի ձորին մէջ զօրքերու Եհովա Տէրոջը Խռովութեան, կոխման ու շփոթութեան օրն է։ Պարիսպը կը փլցնեն եւ աղաղակը մինչեւ լեռը կը հասնի ։ Եղամ՝ իր ձիաւոր մարդոցմով կապարճը վերցուց Եւ Կիր վահանը բացաւ Եւ քու ընտիր հովիտներդ կառքերով լեցուեցան Ու ձիաւորները գունդ կազմեցին դռներուն քով։ Յուդային ծածկոցը բացուեցաւ Ու այն օրը անտառին տանը զէնքերուն նայեցաք եւ Դաւիթին քաղաքին փլած տեղերուն շատ ըլլալը տեսաք։ Վարի աւազանին ջուրերը հաւաքեցիք Ու Երուսաղէմի տուները համրեցիք։ Պարիսպը ամրացնելու համար տուներ փլցուցիք։ Հին աւազանին ջուրերուն համար Երկու պարսպին մէջտեղ ջրամբար մը շինեցիք, Բայց զանիկա շինողին չնայեցաք Ու նախապէս զանիկա կազմողին ուշադրութիւն չըրիք։ Այն օրը զօրքերու Տէր Եհովան ձեզ կանչեց Լալու ու սգալու, Գլուխ կնտեցնելու եւ քուրձ հագնելու։ Ահա ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ըրիք, Արջառներ կը սպաննէիք եւ ոչխարներ կը մորթէիք, Միս կ’ուտէիք ու գինի կը խմէիք՝ ըսելով. «Ուտենք ու խմենք, Քանզի վաղը պիտի մեռնինք»։ Բայց զօրքերու Տէրոջը կողմանէ իմ ականջներուս յայտնուեցաւ թէ՝ «Անշուշտ այս անօրէնութիւնը ձեզի պիտի չթողուի, Մինչեւ որ դուք մեռնիք», Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան։ Զօրքերու Եհովա Տէրը այսպէս ըսաւ. «Գնա՛ ու պալատին հրամանատարին, Սեբնա գանձապետին քով մտիր ու ըսէ՛. ‘Դուն հոս ի՞նչ ունիս եւ հոս ո՞վ ունիս, Որ հոս քեզի գերեզման փորեցիր. Ո՛վ դուն, որ քու գերեզմանդ բարձր տեղ կը փորես Ու քեզի վէմի մէջ բնակարան կը շինես’։ Ահա Տէրը քեզ պիտի նետէ ուժգնօրէն Եւ քեզ բոլորովին պիտի ծածկէ։ Անշուշտ գնդակի պէս Լայնատարած երկիր մը պիտի գլորէ քեզ Դուն հոն պիտի մեռնիս Եւ քու փառքիդ կառքերը հոն պիտի մնան, Ո՛վ քու տիրոջդ տանը անարգանքը։ Ու քու պաշտօնէդ քեզ պիտի վռնտեմ, Քու աստիճանէդ քեզ պիտի զրկեմ։ Այն օրը պիտի կանչեմ իմ ծառաս, Քեղկիայի որդին՝ Եղիակիմը՝ Եւ քու պատմուճանդ անոր պիտի հագցնեմ, Քու գօտիովդ զանիկա պիտի զօրացնեմ, Քու իշխանութիւնդ անոր ձեռքը պիտի տամ, Անիկա Երուսաղէմի բնակիչներուն Ու Յուդային տանը հայրը պիտի ըլլայ։ Դաւիթին տանը բանալին Անոր ուսին վրայ պիտի դնեմ, Որպէս զի անիկա բանայ եւ գոցող չըլլայ Ու գոցէ եւ բացող չըլլայ։ Զանիկա հաստատ տեղ մը Բեւեռի պէս պիտի գամեմ։ Անիկա իր հօրը տանը Փառաւոր աթոռի պէս պիտի ըլլայ։ Անոր հօրը տանը բոլոր փառքը անոր վրայ պիտի կախուի, Անոր սերունդէն եղող պատուականներն ու անարգները, Բոլոր պզտիկ ամանները, տեսակ տեսակ թասերէն Մինչեւ ամէն տեսակ տիկերը։ «Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Այս հաստատ տեղը գամուած բեւեռը պիտի վերցուի Եւ պիտի կոտրի ու իյնայ Ու անոր վրայ եղած բեռը պիտի կոտրտի», Քանզի Տէրը խօսեցաւ։ Ողբացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր, Քանզի անիկա բնաջինջ եղաւ, հոն տուն կամ դուռ չմնաց։ Ասիկա Կիտացիներու երկրէն յայտնուեցաւ անոնց։ Ո՜վ կղզիի բնակիչներ, լռեցէ՛ք. Ծովէ անցնող Սիդոնացիներու վաճառականները լեցուցեր էին քեզ։ Եւ շատ ջուրերու մէջ գոյացող Սիովրի հունտերը, Գետին հունձքը անոր եկամուտն էր։ Անիկա ազգերուն վաճառանոցն էր։ Ո՛վ Սիդոն, ամչցի՛ր, քանզի ծովը կը խօսի. Ծովուն զօրութիւնը կը խօսի ու կ’ըսէ. «Ես ծննդականի ցաւ չեմ քաշեր ու չեմ ծնանիր. Երիտասարդներ չեմ սնուցաներ եւ կոյս աղջիկներ չեմ մեծցներ»։ Երբ այս բանը Եգիպտացիներուն ականջը հասնի, Տիւրոսին լուրին համար պիտի տագնապին։ Թարսիս անցէ՛ք, Ո՛վ ծովեզերքի բնակիչներ, ողբացէ՛ք։ Ձեր ուրախութեան քաղաքը ասիկա՞ է, Որուն ծագումը հին օրերէն է, Անոր ոտքերը հեռու տեղ պանդուխտ ըլլալու պիտի տանին զանիկա։ Ո՞վ այս խորհուրդը ըրաւ Տիւրոսի դէմ, Որ իր բնակիչները կը պսակէր։ Անոր վաճառականները իշխաններ էին Ու առուտուր ընողները՝ երկրին պատուաւոր մարդիկը ։ Զօրքերու Տէրը այս խորհուրդը ըրաւ, Որպէս զի ամէն փառքի ամբարտաւանութիւն խայտառակէ Ու երկրին բոլոր պատուաւորները անարգէ։ Ո՛վ Թարսիսի աղջիկ, Քու տեղէդ գետի պէս անցիր, Ասկէ ետքը գօտի չկայ։ Իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց, Թագաւորութիւնները սարսեց։ Տէրը Քանանացիներուն հրամայեց, Որ անոր բերդերը աւերեն. Ու ըսաւ. «Դուն անգամ մըն ալ պիտի չուրախանաս, Ո՛վ Սիդոնի անարգուած կոյս աղջիկ, Ելի՛ր, Կիտի՛մ անցիր, Բայց հոն ալ հանգստութիւն պիտի չունենաս»։ Ահա Քաղդէացիներու երկիրը, Որ ատենօք ժողովուրդ չէր, Ասորեստանցիները հիմնեցին զանիկա անապատի բնակիչներուն համար. Իրենց աշտարակներ կանգնեցին, անոր պալատները քանդեցին Եւ զանիկա հիմա աւերակ ըրին։ Ողբացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր, Վասն զի ձեր զօրութիւնը կորսուեցաւ։ Եւ այն օրը Տիւրոս մոռցուած պիտի մնայ եօթանասուն տարի, Մէկ թագաւորի օրերուն չափ։ Իսկ եօթանասուն տարի ետքը Երգ մը պիտի երգեն Տիւրոսին, պոռնիկի երգին պէս. «Ո՛վ մոռցուած պոռնիկ, քնարը ա՛ռ Ու քաղաքին մէջ պտըտէ՛. Աղէ՛կ զարկ, շա՛տ խաղ կանչէ, Որպէս զի քեզ յիշեն»։ Եօթանասուն տարի ետքը Տէրը այցելութիւն պիտի ընէ Տիւրոսին։ Անիկա իր շահին պիտի դառնայ Ու աշխարհի երեսը եղող բոլոր երկրի թագաւորութիւններուն հետ Պոռնկութիւն պիտի ընէ։ Անոր վաճառականութեան շահը՝ ՝ Տէրոջը պիտի նուիրուի. Անիկա գանձատունը պիտի չդրուի, Կամ շտեմարանի մէջ պիտի չպահուի. Հապա անոր վաճառականութեան շահը Տէրոջը առջեւ բնակողներուն պիտի ըլլայ, Որպէս զի ուտեն մինչեւ կշտանան Ու պատուական զգեստներ հագնին ։ Ահա Տէրը երկիրը կը պարպէ ու զանիկա կը դատարկեցնէ Եւ տակնուվրայ ընելով անոր բնակիչները կը ցրուէ։ Ինչպէս է ժողովուրդը, քահանան ալ՝ այնպէս, Ինչպէս է աղախինը, իր տիկինն ալ՝ այնպէս, Ինչպէս է ծախու առնողը, ծախողն ալ՝ այնպէս, Ինչպէս է փոխ տուողը, առնողն ալ՝ այնպէս, Ինչպէս է տոկոս առնողը՝ տոկոս տուող ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Երկիրը բոլորովին պիտի պարպուի Ու բոլորովին պիտի կողոպտուի, Քանզի այս խօսքը Տէրը խօսեցաւ։ Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը մարի, Աշխարհը կը նուաղի ու կը մարի, Երկրին ժողովուրդին մեծերը կը նուաղին։ Երկիրը իր բնակիչներուն կողմէ պղծուեցաւ, Քանզի անոնք օրէնքները զանց ըրին, Պատուիրանքը փոխեցին, յաւիտենական ուխտը խափանեցին։ Այս պատճառով նզովուեցաւ երկիրը Ու անոր մէջ բնակողները իրենց յանցանքին պատիժը կրեցին, Որուն համար երկրին բնակիչները այրեցան Ու քիչ մարդիկ մնացին։ Նոր գինին սուգ կը բռնէ, որթատունկը կը նուաղի Եւ բոլոր ուրախ եղողները կը հառաչեն։ Թմբուկներուն ցնծութիւնը կը դադարի, Ուրախութիւն ընողներուն աղաղակը կը կտրի, Քնարին ցնծութիւնը կը դադրի։ Երգով գինի պիտի չխմեն. Ցքին խմողներուն դառն պիտի ըլլայ։ Դատարկ քաղաքը կործանուեցաւ, Ամէն տուն գոցուեցաւ, որպէս զի մարդ մը չմտնէ։ Փողոցներուն մէջ գինիի համար աղաղակ կայ. Ամէն ուրախութիւն լռեց, Երկրին ցնծութիւնը վերցուեցաւ։ Քաղաքին մէջ ամայութիւն մնաց Ու դուռը կոտրուեցաւ ու աւերակ եղաւ։ Քանզի երկրին մէջ, ժողովուրդներուն մէջ, Թօթուրուած ձիթենիի պէս Ու այգեկութքէն ետքը ճռաքաղի պէս պիտի ըլլայ։ Անոնք ձայներնին վերցնելով ցնծութեամբ պիտի երգեն, Ծովու կողմէն Տէրոջը փառքին համար բարձրաձայն պիտի աղաղակեն։ Անոր համար արեւելեան կողմը փառաւորեցէ՛ք Տէրը, Ծովու կղզիներուն մէջ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն անունը։ Երկրի ծայրերէն օրհնութիւններ լսեցինք, Արդարին փառք մատուցանեցէք, Բայց ես ըսի. «Նիհար եմ, նիհար եմ, վա՜յ ինձ. Յափշտակողները կը յափշտակեն. Յափշտակողները բռնի կը յափշտակեն»։ Ո՛վ երկրի բնակիչ, Վախ, գուբ եւ որոգայթ պիտի ըլլայ քու վրադ։ Վախին ձայնէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ, Գուբին մէջէն ելլողը որոգայթին մէջ պիտի բռնուի, Քանզի բարձրէն պատուհանները բաց են Ու երկրին հիմերը կը շարժին։ Երկիրը բոլորովին կը ճնշուի. Երկիրը բոլորովին կը պատռուի Երկիրը բոլորովին կը սարսի. Երկիրը գինովի պէս անդադար պիտի երերայ Ու հիւղի պէս պիտի շարժի։ Անոր մեղքը պիտի ծանրանայ անոր վրայ։ Անիկա պիտի իյնայ ու անգամ մըն ալ պիտի չելլէ։ Այն օրը Տէրը բարձրէն այցելութիւն պիտի ընէ հպարտներուն զօրքին Ու երկրի վրայ՝ երկրի թագաւորներուն։ Անոնք պիտի հաւաքուին, Ինչպէս բանտարկեալները գուբին մէջ կը հաւաքուին Ու բանտի մէջ պիտի գոցուին։ Շատ ժամանակ յետոյ անոնք պիտի պատժուին։ Լուսինը պիտի ամչնայ ու արեւը պիտի պատկառի, Երբ զօրքերու Տէրը Սիօն լերանը վրայ Ու Երուսաղէմի մէջ թագաւորէ Ու իր մեծերուն առջեւ փառաւորուի։ Ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս դուն ես. Քեզ պիտի բարձրացնեմ, քու անուանդ փառք պիտի տամ. Քանզի սքանչելի բաներ ըրիր, Քու վաղեմի խորհուրդներն հաւատարիմ եւ ճշմարիտ են։ Քանզի քաղաքը հողակոյտ Ու պարսպապատ քաղաքը աւերակ դարձուցիր, Որպէս զի այսուհետեւ քաղաք չըլլալով՝ Օտարականներուն պալատը յաւիտեան չշինուի։ Անոր համար զօրաւոր ժողովուրդը քեզ պիտի պատուէ Եւ ահարկու ազգերուն քաղաքը քեզմէ պիտի վախնայ։ Վասն զի դուն ապաւէն եղար աղքատին, Ապաւէն՝ չքաւորին իր նեղութեան ատենը, Ապաստանարան՝ փոթորիկէն, հովանի՝ տաքութենէն, Երբ անօրէն մարդոց կատաղութիւնը պատ փլցնող փոթորիկի պէս գայ ։ Օտարականներուն աղաղակը Չոր տեղին տաքութեանը պէս պիտի մեղմացնես։ Ինչպէս տաքութիւնը ամպի հովանիով կ’իջնէ, Այնպէս բռնաւորներուն ցնծութեանը ձայնը պիտի ցածնայ։ Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ Բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, Պարարտ բաներու եւ հին գինիներու, Ծուծով լեցուած պարարտ բաներու Ու զտուած հին գինիներու կոչունք։ Այս լերան վրայ Բոլոր ժողովուրդներուն վրայ տարածուած ծածկոցը Ու բոլոր ազգերուն վրայ փռուած վարագոյրը բնաջինջ պիտի ընէ։ Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ Ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ Եւ բոլոր երկրի երեսէն իր ժողովուրդին նախատինքը պիտի վերցնէ. Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։ Ու այն օրը պիտի ըսեն. «Ահա մեր Աստուածը ասիկա է. Անոր յուսացինք ու անիկա մեզ ազատեց. Տէրը ասիկա է, անոր յուսացինք. Անոր փրկութիւնովը պիտի ցնծանք եւ ուրախանանք»։ Քանզի Տէրոջը ձեռքը այս լերան վրայ պիտի հանգչի Ու Մովաբ անոր տակ պիտի կոխկռտուի, Ինչպէս յարդը կը կոխկռտուի աղբանոցին մէջ։ Իր ձեռքերը պիտի տարածէ անոր վրայ, Ինչպէս լողացողը կը տարածէ լողալու ատեն։ Անոր հպարտութիւնը անոր ձեռքերուն հնարքներուն հետ պիտի կործանէ։ Եւ քու բարձր պարիսպներուդ ամրութիւնը պիտի խոնարհեցնէ Ու գետնին հետ հաւասարեցնելով փոշիի մէջ պիտի ձգէ։ Այն օրը Յուդային երկրին մէջ այս երգը պիտի երգեն. «Մենք զօրաւոր քաղաք մը ունինք. Փրկութիւնը պարիսպներու ու պատնէշներու տեղ կը կանգնեցնէ։ Դռները բացէ՛ք, Որպէս զի ճշմարտութիւն պահող արդար ազգը ներս մտնէ։ Հաստատ միտքը կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես, Վասն զի քեզի կը յուսայ։ Յաւիտեան Տէրոջը յուսացէք, Քանզի Տէր Եհովան յաւիտենական վէմ է, Քանզի անիկա բարձր տեղեր բնակողները կը խոնարհեցնէ, Բարձր քաղաքը կը ցածցնէ, Զանիկա հողի հետ հաւասար կ’ընէ։ Ոտքը զանիկա պիտի կոխկռտէ, Աղքատին ոտքն ու չքաւորներուն գարշապարը»։ Արդարին ճամբան շիտակ է։ Դո՛ւն, որ ուղիղ ես, արդարին ճամբան դուն կ’ուղղես։ Քու դատաստաններուդ ճամբուն մէջ քեզի կը սպասենք, ո՛վ Տէր. Մեր հոգիին ցանկութիւնը քու անուանդ եւ քու յիշատակիդ համար է։ Գիշերը հոգիով քեզի ցանկացի Ու առաւօտուն քեզ փնտռեցի բոլոր սրտովս՝ ՝. Քանզի, երբ քու դատաստաններդ երկրի վրայ ըլլան, Աշխարհի բնակիչները արդարութիւն կը սորվին։ Ամբարշտին ողորմութիւն ալ ըլլայ՝ արդարութիւն չի սորվիր։ Անիկա ուղղութեան երկրին մէջ անօրէնութիւն կը գործէ Ու Տէրոջը մեծափառութիւնը չի տեսներ։ Ո՛վ Տէր, անոնք քու ձեռքիդ բարձրանալը չեն տեսներ, Բայց ժողովուրդին վրայ քու ունեցած նախանձդ պիտի տեսնեն ու ամչնան։ Կրակը պիտի սպառէ քու թշնամիներդ։ Ո՛վ Տէր, մեզի խաղաղութիւն պիտի տաս, Վասն զի մեր բոլոր գործերն ալ դուն մեզի համար կատարեցիր։ Ո՛վ Տէր Աստուած մեր, քեզմէ զատ ուրիշ տէրեր մեր վրայ տիրեցին, Բայց քու անունդ, միայն քո՛ւկդ կը յիշենք։ Անոնք մեռած են, պիտի չողջնան, Ուրուականներ են, չեն կրնար ելլել, Վասն զի դուն այցելութիւն ընելով՝ զանոնք բնաջինջ ըրիր Ու անոնց յիշատակը կորսնցուցիր։ Դուն այս ազգը աւելցուցիր, ո՛վ Տէր, Այս ազգը աւելցնելով՝ փառաւորուեցար, Երկրին բոլոր ծայրերը ընդարձակեցիր։ Ո՛վ Տէր, նեղութեան մէջ քեզ փնտռեցին, Քու պատիժդ անոնց վրայ եղած ատեն աղաչանք ըրին՝ ՝։ Ինչպէս ծնանելու մօտ եղող յղի կինը Իր երկունքին մէջ տանջուելով կ’աղաղակէ, Մենք ալ քու առջեւդ այնպէս եղանք, ո՛վ Տէր։ Յղացանք, ցաւեր քաշեցինք, Հով ծնանողի պէս եղանք Ու երկիրը չկրցանք ազատել Եւ աշխարհի բնակիչները չինկան։ Քու մեռելներդ պիտի ողջննան։ Մեռելներուդ մարմինները յարութիւն պիտի առնեն։ Արթնցէ՛ք ու ցնծութեամբ երգեցէ՛ք, ո՛վ հողի մէջ բնակողներ. Քանզի քու ցօղդ խոտերու ցօղ է։ Երկիրը իր մեռելները դուրս պիտի նետէ։ Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր Ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. Պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, Մինչեւ բարկութիւնը անցնի։ Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն կ’ելլէ, Որպէս զի երկրի բնակիչներուն այցելութիւն ընէ իրենց անօէնութեանը համար։ Եւ երկիր իր արիւնները պիտի յայտնէ Եւ սպաննուածներն ալ պիտի չծածկէ։ Այն օրը Տէրը իր ամրակուռ, մեծ ու զօրաւոր սուրովը Պիտի պատժէ Լեւիաթանը, փախչող օձը, Այսինքն այն Լեւիաթանը՝ գալարուող օձը Ու ծովուն մէջ եղող վիշապը պիտի մեռցնէ։ «Այն օրը գինիի այգիին վրայ երգեցէք. Ես՝ Տէրս՝ կը պահեմ զանիկա, Ամէն վայրկեան պիտի ոռոգեմ զանիկա, Գիշեր ու ցորեկ անոր պահպանութիւն պիտի ընեմ, Որպէս զի չըլլայ թէ մարդ մը անոր վնասէ։ Ես բարկութիւն չունիմ. Երանի՜ թէ ցախերն ու փուշերը ինծի դէմ պատերազմէին։ Ես անոնց վրայ պիտի քալէի Ու զանոնք մէկէն պիտի այրէի։ Եթէ ոչ՝ թող իմ զօրութեանս ապաւինին, Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն. Թող ինծի հետ խաղաղութիւն ընեն»։ Ապագային Յակոբ պիտի արմատանայ, Իսրայէլ պիտի ծաղկի ու պիտի ընձիւղի Եւ պտուղով աշխարհի երեսը պիտի լեցնեն։ Միթէ զանիկա զարնողին հարուածի՞ն պէս զարկաւ զանիկա, Կամ անկէ սպաննուածներուն սպաննութեա՞ն պէս սպանուեցաւ։ Չափաւորութեամբ վիճեցար անոր հետ, Երբ զանիկա ղրկեցիր, Թէեւ արեւելեան հովին օրը սասատիկ հովով տարիր։ Ուստի ասով քաւութիւն պիտի ըլլայ Յակոբին անօրէնութեանը։ Բոլոր դիտաւորութիւնը այս է, որ անոր մեղքը վերցնէ, Երբ զոհարաններուն բոլոր քարերը կիրի փշրուած քարերու պէս ընէ, Աստարովթի կուռքերն ու արեգակին արձանները, ա՛լ պիտի չկանգնին։ Քանզի պարսպապատ քաղաքը՝ ամայի Ու շէն տեղը անապատի պէս պիտի թողուի ու մոռցուի։ Զուարակը հո՛ն պիտի արածի ու հո՛ն պիտի պառկի Ու անոր ճիւղերը պիտի հատցնէ։ Անոր ոստերը չորնալով պիտի կոտրին, Կիները պիտի գան ու զանոնք պիտի բռնկեցնեն։ Անիկա իմաստուն ժողովուրդ չէ, Ուստի զանիկա ստեղծողը անոր վրայ պիտի չգթայ Ու զանիկա կազմողը անոր պիտի չողորմի։ Այն օրը, Տէրը Գետին յորձանքէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը պիտի թօթուէ։ Դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Մէկիկ մէկիկ պիտի հաւաքուիք։ Այն օրը մեծ փողը պիտի հնչեցնեն Եւ Ասորեստանի երկրին մէջ թափառական եղողները Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ աքսորուածները պիտի գան Ու Երուսաղէմ սուրբ լերանը վրայ Տէրոջը երկրպագութիւն պիտի ընեն։ Վա՜յ Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակին, Որուն փառաւոր զարդը թառամեալ ծաղիկ մըն է, Որ գինիով թմրածներուն պարարտ հովիտին գլուխը կը կենայ ։ Ահա Տէրոջ կողմէ քաջ ու զօրաւոր թշնամի մը, Կարկուտի փոթորիկի պէս, աւերիչ մրրիկի պէս Ու սաստիկ ջուրերու յորդահոս հեղեղի պէս, Ձեռքովը գետինը պիտի զարնէ զանոնք ։ Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակը Ոտքերով պիտի կոխկռտուի։ Եւ պարարտ հովիտին գլուխը եղող անոր փառքերուն զարդը, Որ թառամեալ ծաղիկ մըն է, Հունձքէն առաջ վաղահաս թուզի պէս պիտի ըլլայ, Որ տեսնողը ձեռքը առածին պէս կը կլլէ։ Այն օրը զօրքերու Տէրը իր ժողովուրդին մնացորդին Փառաւոր պսակ ու շքեղ թագ պիտի ըլլայ Եւ դատաստանի նստողին՝ արդարութեան ոգի Ու պատերազմը դէպի թշնամիին դուռը դարձնողին զօրութիւն պիտի ըլլայ։ Բայց ասոնք ալ գինիով կը մոլորին Ու ցքիով կ’երերան։ Քահանան ու մարգարէն ցքիով կը մոլորին. Անոնք գինիէն կը շփոթին, ցքիէն կը դանդաչեն, Տեսիլքի մէջ կը մոլորին ու դատաստանի մէջ կը սխալին. Վասն զի անոնց բոլոր սեղանները փսխունքի պղծութիւնով ծածկուած են, Այնպէս որ մաքուր տեղ մը չկայ։ Որո՞ւ գիտութիւն սորվեցնէ, Որո՞ւ կրթութիւն հասկցնէ. Կաթէ կտրուածներո՞ւն, Ստինքէ զատուածներո՞ւն։ Քանզի խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ, Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն։ Յիրաւի այս ժողովուրդին հետ Չհասկցուելու շրթունքով եւ օտար լեզուով պիտի խօսի։ Քանզի անոնց ըսաւ. «Յոգնածը հանգստացնելու միջոցը ասիկա է Ու մխիթարութիւնը ասիկա է»։ Բայց անոնք մտիկ ընել չուզեցին։ Ուստի Տէրոջը խօսքը պիտի ըլլայ անոնց՝ Խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ, Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն. Որպէս զի երթան, կռնակի վրայ իյնան ու կոտրտին Եւ որոգայթի մէջ իյնալով բռնուին։ Ուրեմն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք, Ո՛վ ծաղր ընող մարդիկ, Որ Երուսաղէմի մէջ բնակող այս ժողովուրդին վրայ կը տիրէք, Որովհետեւ ըսիք. «Մենք մահուան հետ ուխտ ըրինք Ու գերեզմանին հետ դաշնակից եղանք, Որ եթէ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի, մեր վրայ չգայ. Վասն զի ստութիւնը մեզի պատսպարան ըրինք Եւ ունայնութեան մէջ պահուեցանք»։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Սիօնի մէջ վէմ մը կը դնեմ իբրեւ հիմ. Ընտիր վէմ՝ պատուական անկիւն, հաստատուն հիմ. ‘Ով որ հաւատայ անոր, պիտի չարտորայ փախչելու’։ Իրաւունքը՝ կապարալար, Արդարութիւնը խորաչափ պիտի ընեմ։ Կարկուտը ստութեան պատսպարանը պիտի տանի Ու ջուրերը պահուելու տեղը պիտի կոխեն։ Մահուան հետ ըրած ուխտերնիդ պիտի աւրուի Ու գերեզմանին հետ ըրած դաշնակցութիւննիդ պիտի չհաստատուի։ Երբ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի, Դուք անոր մէջ պիտի ընկղմիք, Անցնելու ատեն ձեզ պիտի քշէ, Քանզի ամէն առտու, ցորեկ ու գիշեր պիտի անցնի Ու անոր ձայնը լսելն անգամ սոսկալի պիտի ըլլայ։ Քանզի անկողինը երկննալու համար կարճ է Ու ծածկոցը ծածկուելու համար նեղ է։ Քանզի Տէրը պիտի ելլէ, ինչպէս Փարասին լերանը վրայ ելաւ Ու պիտի բարկանայ, ինչպէս Գարաւոնին ձորին մէջ բարկացաւ, Որպէս զի իր օտարոտի գործը կատարէ, որքան խորթ թուի, Իր պաշտօնը կատարէ, որքան խորհրդաւոր թուի։ Հիմա ծաղր ընողներ մի՛ ըլլաք, Որպէս զի չըլլայ թէ ձեր կապանքները աւելի ուժովնան. Քանզի զօրքերու Տէր Եհովային կողմէ Բոլոր երկրին վրայ աւերումի վճիռ մը լսեցի։ Ակա՛նջ տուէք ու իմ ձայնս լսեցէ՛ք. Մտի՛կ ըրէք ու իմ խօսքս լսեցէք. Միթէ հերկողը ցանելու համար շարունակ կը հերկէ՞. Միշտ իր երկիրը կը բանայ ու անոր կոշտերը կը տափանէ՞. Անոր երեսը շտկելէն ետքը Միթէ արջնդեղն ու չամանը չի՞ ցաներ Եւ ցորենը՝ կարգով ու գարին՝ որոշուած տեղը Եւ հաճարը իր սահմանին մէջ չի՞ դներ։ Վասն զի իր Աստուածը կրթութիւն կու տայ անոր Ու կը սորվեցնէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ։ Քանզի արջնդեղը կամնասայլով չի ծեծուիր Ու չամանին վրայ սայլին անիւը չի դառնար. Հապա արջնդեղը՝ գաւազանով Ու չամանը ցուպով կը թօթուըուի։ Հացին ցորենը կը կոխկռտուի, Բայց զանիկա միշտ չի ծեծեր Ու սայլին անիւը զանիկա չի կոտրտեր Եւ ձիերը զանիկա չեն փշրեր։ Ասիկա ալ զօրքերու Տէրոջմէն կ’ելլէ, Որուն խորհուրդը սքանչելի է։ Ու անոր իմաստութիւնը գերազանց է։ Վա՜յ Արիէլին, Դաւիթին բնակած Արիէլ քաղաքին. Տարի տարիի վրայ աւելցուցէք։ Թող տարեկան տօները դառնան։ Բայց ես Արիէլը նեղը պիտի ձգեմ ու անիկա տրտում ու տխուր պիտի ըլլայ Եւ ինծի Արիէլին պէս պիտի ըլլայ։ Ու քեզի դէմ շուրջանակի բանակ պիտի դնեմ, Քեզ պատնէշներով պիտի պաշարեմ, Քեզի դէմ հողաբլուրներ պիտի կանգնեցնեմ։ Եւ պիտի ցածնաս ու գետնէն խօսիս Եւ քու խօսքերդ հողին տակէն պիտի լսուին Ու քու ձայնդ վհուկի ձայնին պէս գետնէն պիտի գայ Եւ քու խօսքդ հողէն պիտի փսփսայ։ Ու քու թշնամիներուդ բազմութիւնը՝ մանր փոշիի պէս Եւ քու բռնաւորներուդ բազմութիւնը անցնող մղեղի պէս պիտի ըլլայ։ Ասիկա յանկարծ մէկ վայրկեանի մէջ պիտի ըլլայ։ Զօրքերու Տէրոջը կողմէ՝ Որոտումով, երկրաշարժով, մեծ ձայնով, Մրրիկով, փոթորիկով ու մաշող կրակի բոցով Այցելութիւն մը պիտի ըլլայ։ Արիէլին վրայ պատերազմի եկող բոլոր ազգերուն բազմութիւնը Եւ այս քաղաքին վրայ ու անոր պարիսպներուն վրայ բոլոր յարձակողները Ու զանիկա պաշարողները Գիշերը տեսնուած երազի պէս պիտի ըլլան։ Ինչպէս անօթի եղողը երազին մէջ կը տեսնէ թէ կերակուր կ’ուտէ, Բայց արթննալէն ետքը փորը անօթի կը մնայ, Ինչպէս ծարաւ մարդը երազին մէջ կը տեսնէ թէ ջուր կը խմէ, Բայց արթննալէն ետքը կը մարի ու հոգին կը պապակի, Այնպէս պիտի ըլլայ բոլոր ազգերուն բազմութեանը, Որ Սիօնի լերանը դէմ պատերազմի կու գայ։ Ապշեցէ՛ք ու զարմացէ՛ք, Շլացէ՛ք ու թմրեցէ՛ք. Անոնք արբած են, բայց գինիէն չէ. Անոնք կ’երերան, բայց ցքիէն չէ. Քանզի Տէրը ձեր վրայ թմրութեան ոգի թափեց Ու ձեր աչքերը գոցեց. Մարգարէներն ու ձեր գլխաւորները, Որոնք տեսիլք կը տեսնէին, կուրցուց։ Եւ ամենուն տեսիլքները կնքուած գրքի մը խօսքերուն պէս պիտի ըլլան ձեզի, Որ կարդալ գիտցողին կու տան Ու կ’ըսեն. «Կ’աղաչենք, ասիկա կարդա՛»։ Ու անիկա կ’ըսէ. «Չեմ կրնար, վասն զի կնքուած է»։ Այն գիրքը կարդալ չգիտցողին կու տան Ու կ’ըսեն. «Կ’աղաչենք, ասիկա կարդա՛»։ Ու անիկա կ’ըսէ. «Կարդալ չեմ գիտեր»։ Անոր համար Տէրը կ’ըսէ. «Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ Եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, Բայց անոնց սիրտը ինծմէ հեռու է Ու ինծմէ ունեցած վախերնին Մարդոց սորվեցուցած պատուիրանք մըն է. Անոր համար ահա ես այս ժողովուրդին մէջ Այսուհետեւ զարմանալի գործեր ու հրաշքներ պիտի ընեմ Եւ անոնց իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսուի Ու հանճարեղներուն հանճարը բնաջինջ պիտի ըլլայ»։ Վա՜յ անոնց, որ խորունկ տեղ կը փնտռեն Իրենց խորհուրդը Տէրոջմէ պահելու համար Ու իրենց գործը մութին մէջ կ’ընեն Ու կ’ըսեն. «Մեզ ո՞վ կը տեսնէ ու մեզ ո՞վ կը ճանչնայ»։ Դուք գործերը տակն ու վրայ կ’ընէք։ Միթէ բրուտը կաւին տեղ կը դրուի՞. Քանզի կարելի՞ է, որ առարկան զինք շինողին համար ըսէ. «Անիկա զիս չշինեց»։ Ու ստեղծուածը՝ զինք ստեղծողին համար ըսէ. «Անիկա իր ըրածը չի գիտեր»։ Ահա շատ քիչ ժամանակէն Լիբանան պտղաբեր արտի պիտի դառնայ Ու պտղաբեր արտը անտառ պիտի սեպուի։ Այն օրը խուլերը գրքին խօսքերը պիտի լսեն, Կոյրերուն աչքերը մէգէն ու խաւարէն ազատուելով ՝ պիտի տեսնեն։ Խեղճերը Տէրոջմով իրենց ուրախութիւնը պիտի աւելցնեն, Չքաւոր մարդիկ Իսրայէլի Սուրբովը պիտի ցնծան, Վասն զի բռնաւորը պիտի վերնայ Եւ ծաղր ընող պիտի չմնայ Ու ամէն անոնք, որոնք անօրէնութեան համար կը հսկեն՝ պիտի կորսուին. Անոնք ալ, որոնք մարդը դատաստանի մէջ յանցաւոր կը հանեն Ու քաղաքին դրանը մէջ ջատագովութիւն ընողին համար որոգայթ կը լարեն Եւ արդարին իրաւունքը կը խափանեն։ Անոր համար Աբրահամը փրկող Տէրը Յակոբին տանը համար այսպէս կ’ըսէ. «Յակոբ անգամ մըն ալ պիտի չամչնայ Ու անոր երեսը անգամ մըն ալ պիտի չդեղնի. Վասն զի երբ տեսնէ իր տղաքը՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ իր մէջ, Այն ատեն իմ անունս պիտի փառաւորեն, Յակոբին Սուրբը պիտի փառաւորեն Ու Իսրայէլին Աստուծմէն պիտի վախնան։ Հոգիով մոլորածները խոհեմութիւնը պիտի ճանչնան Ու տրտնջողները իմաստութիւն պիտի սորվին»։ «Վա՜յ ապստամբ տղաքներուն, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք մեղք մեղքի վրայ աւելցնելու համար Խորհուրդ կ’ընեն, բայց ինծմով չէ. Դաշինք կը կնքեն, բայց իմ Հոգիովս չէ. Որոնք առանց իմ խորհուրդս հարցնելու Կ’երթան Եգիպտոս կ’իջնեն, Փարաւոնին պաշտպանութեանը տակ ապաստան փնտռելու Ու Եգիպտոսին հովանիին ապաւինելու համար։ Բայց Փարաւոնին պաշտպանութիւնը ձեզի՝ ամօթ Ու Եգիպտոսին հովանիին ապաւինիլը ձեզի նախատինք պիտի ըլլայ, Քանզի անոր իշխանները Տայանիս գացին Ու դեսպանները Հանէս հասան։ Ամէնքը ամչցան այն ժողովուրդին պատճառով, Որ իրենց օգուտ մը ընելու կարողութիւն չունի։ Անիկա չի կրնար օգնութիւն մը ընել կամ օգուտ մը ունենալ, Հապա իրենց ամօթ ու նախատինք պիտի ըլլայ»։ Ահա բեռ կրող անասունները՝ ՝ ՝ դէպի հարաւ՝ Նեղութեան ու վշտերու, Մատակ առիւծի եւ առոյգ առիւծի, Իժի ու կիզող թեւաւոր օձի երկիրը կ’երթան. Իրենց ստացուածքը՝ էշերու կռնակին վրայ Ու իրենց գանձերը ուղտի սապատին վրայ կը տանին Այնպիսի ժողովուրդի մը, որ իրենց օգուտ չունի։ Վասն զի Եգիպտացիները պարապ ու զուր տեղ օգնութիւն կ’ընեն։ Անոր համար զինք « Պարապ նստող, պարծենկոտ» կոչեցի։ Ուրեմն գնա՛, անոնց առջեւ ասիկա տախտակի վրայ գրէ՛ Եւ գրքի մէջ դրոշմէ՛, Որպէս զի ապագային Յաւիտենականութեան վկայութեան համար մնայ։ Քանզի ասիկա ապստամբ ժողովուրդ մըն է, Ատախօս տղաքներ են Ու այնպիսի տղաքներ են, որոնք Տէրոջը օրէնքը լսել չեն ուզեր, Որոնք տեսանողներուն կ’ըսեն. «Մի՛ տեսնէք» Ու մարգարէներուն՝ «Մեզի համար ուղիղ բաներ մի՛ մարգարէանաք. Մեզի շողոքորթութիւններ ըրէ՛ք, Խաբէութիւններ մարգարէացէ՛ք, Ճամբայէն ե՛տ քաշուեցէք, Շաւիղէն խոտորեցէ՛ք, Իսրայէլին Սուրբը մեր առջեւէն վերցուցէ՛ք»։ Ահա Իսրայէլին Սուրբը այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ դուք այս խօսքը անարգեցիք Եւ բռնութեան ու ծռութեան ապաւինեցաք՝ Անոր համար այս անօրէնութիւնը Բարձր պարիսպի մը՝ իյնալու վրայ եղող Ուռեցած ճեղքուածքի պէս պիտի ըլլայ ձեզի, Որուն կործանումը յանկարծակի՝ մէկ վայրկեանի մէջ՝ պիտի գայ։ Եւ զանիկա բրուտներու սափորին կոտրուելուն պէս պիտի կոտրէ. Պիտի փշրէ ու չխնայէ։ Անոր կտորուանքներուն մէջ Կրակարանէն կրակ առնելու Կամ փոսէն ջուր հանելու խեցիի կտոր մը պիտի չգտնուի։ Վասն զի Տէր Եհովան, Իսրայէլին Սուրբը, այսպէս կ’ըսէ. «Դուք դառնալով ու հանգստանալով փրկութիւն կը գտնէք, Ձեր զօրութիւնը հանդարտութեամբ ու վստահութեամբ կ’ըլլայ»։ Բայց դուք չուզեցիք, Հապա ըսիք. «Ո՛չ, ձի հեծնենք փախչինք»։ Անոր համար պիտի փախչիք։ «Արագընթաց ձիերու վրայ հեծնենք», ըսիք, Անոր համար ձեզ հալածողներն ալ արագընթաց պիտի ըլլան։ Մէկուն սպառնալիքովը՝ հազարնիդ, Հինգին սպառնալիքովը ամէնքդ պիտի փախչիք. Մինչեւ որ լերան գլուխը սիւնի պէս Ու բլուրին վրայ նշանի պէս լքուիք։ Բայց Տէրը պիտի սպասէ, որպէս զի ձեզի գթութիւն ընէ Ու պիտի բարձրանայ, որպէս զի ձեզի ողորմի. Քանզի Տէրը արդար Աստուած մըն է։ Երանի՜ այն ամենուն, որ անոր կը սպասեն։ Ահա ո՛վ ժողովուրդ, որ Երուսաղէմի մէջ, Սիօնի վրայ կը բնակիս, Ա՛լ բնաւ պիտի չլաս։ Քու աղաղակիդ ձայնը լսածին պէս շուտով քեզի պիտի ողորմի Եւ քեզի պատասխան պիտի տայ։ Թէեւ Տէրը ձեզի նեղութեան հաց ու տառապանքի ջուր տայ, Քու ուսուցիչներդ անգամ մըն ալ պիտի չհեռանան, Հապա քու աչքերդ քու ուսուցիչներդ պիտի տեսնեն։ Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, Քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք»։ Այն ատեն քու քանդակած արծաթ կուռքերուդ ծածկոցները Ու ձուլածոյ ոսկի կուռքերուդ զարդերը պիղծ պիտի համարես, Զանոնք դաշտանի լաթի պէս պիտի նետես։ Անոնց ամէն մէկուն պիտի ըսես. «Դո՛ւրս ելիր»։ Եւ Տէրը քու սերմանած երկրիդ հունտերուն վրայ՝ անձրեւ Ու երկրի արդիւնքէն հաց պիտի տայ Եւ առատ ու պարարտ պիտի ըլլայ։ Այն օրը քու խաշինքդ ընդարձակ արօտի մէջ պիտի ճարակին։ Երկիրը գործող եզներն ու էշերը Թիով ու հեծանոցով հոսած Մաքուր կերակուր պիտի ուտեն։ Մեծ կոտորածին օրը, Աշտարակներուն կործանման ատենը, Ամէն բարձր լերան վրայ Եւ ամէն բարձրացած բլուրի վրայ Գետեր ու ջուրի առուներ պիտի ըլլան։ Այն օրը երբ Տէրը իր ժողովուրդին վերքը պատէ Ու անոնց հարուածին խոցը բժշկէ, Լուսնին լոյսը արեւին լոյսին պէս Ու արեւին լոյսը եօթնապատիկ աւելի Ու եօթը օրուան լոյսին չափ պիտի ըլլայ։ Ահա Տէրոջը անունը հեռուէն կու գայ։ Անոր բարկութիւնը կը վառի ու բոցը սաստիկ է։ Շրթունքները սրտմտութեամբ լեցուած են Ու լեզուն մաշող կրակի պէս է։ Անոր հոգին յորդահոս գետի պէս Մինչեւ պարանոցը պիտի հասնի, Որպէս զի ազգերը ունայնութեան մաղով մաղէ Եւ ժողովուրդներուն կզակը սանձ դնելով՝ զանոնք մոլորեցնէ։ Դուք սուրբ տօնի մը գիշերուան պէս երգ պիտի ունենաք Ու Իսրայէլին Վէմին՝ Տէրոջը՝ լեռը երթալու համար Սրինգով գացողի պէս սրտի ուրախութիւն պիտի ունենաք ։ Տէրը իր փառաւոր ձայնը լսել պիտի տայ Ու իր սաստիկ բարկութիւնովը եւ մաշող կրակին բոցովը, Հեղեղով, փոթորիկով ու կարկուտի քարերով Իր երկնցած բազուկը՝ ՝ պիտի ցուցնէ։ Վասն զի գաւազանով զարնող Ասորեստանցին Տէրոջը ձայնէն պիտի զարհուրի Ու որոշուած գաւազանին ամէն հարուած, Որ Տէրը անոր վրայ պիտի իջեցնէ, Թմբուկներով ու քնարներով պիտի ըլլայ։ Անոր հետ աղմկալից պատերազմներով պիտի պատերազմի։ Քանզի Տոփեթը շատոնց պատրաստուած է։ Անիկա ալ թագաւորին համար պատրաստուեցաւ, Զանիկա խորունկցուց ու լայն ցուց, Ան դիզած է կրակ ու փայտ։ Տէրոջը շունչը ծծումբի հեղեղի պէս զայն պիտի բռնկեցնէ։ Վա՜յ անոնց, որ օգնութեան համար Եգիպտոս կ’իջնեն Ու ձիերու կը վստահին եւ կառքերու կ’ապաւինին, որովհետեւ շատ են Ու ձիաւորներու՝ որովհետեւ խիստ զօրաւոր են, Սակայն Իսրայէլի Սուրբին չեն նայիր Ու Տէրը չեն փնտռեր։ Բայց ան իմաստուն է ու աղէտ կը բերէ։ Եւ իր խօսքերը ետ չի դարձներ։ Բայց չարերուն տանը դէմ Եւ անօրէնութիւն գործողներուն օգնութեանը դէմ պիտի ելլէ։ Արդ՝ Եգիպտացիները մարդ են, ոչ թէ Աստուած Ու անոնց ձիերը մարմին են, ոչ թէ հոգի Ու երբ Տէրը իր ձեռքը երկնցնէ Թէ՛ օգնութիւն ընողը պիտի սահի Եւ թէ՛ օգնութիւն գտնողը պիտի իյնայ Ու ամէնքը մէկտեղ պիտի կորսուին։ Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. Ինչպէս առիւծը կամ կորիւնը իր որսին համար կը մռնչէ Ու երբ հովիւներուն գունդը անոր դէմ հաւաքուի, Անոնց ձայնէն չի վախնար Ու անոնց աղաղակէն չի վհատիր, Այնպէս ալ զօրքերու Տէրը Սիօն լերանը համար Ու անոր բլուրին համար պատերազմելու պիտի իջնէ։ Ինչպէս թռչունները իրենց ձագերը կը ծածկեն, Այնպէս զօրքերու Տէրը Երուսաղէմին պաշտպանութիւն պիտի ընէ։ Պիտի պաշտպանէ ու փրկէ զանիկա, Պիտի անցնի ու պիտի ազատէ։ Դուք այն Աստուծոյն դարձէք, Որուն դէմ Իսրայէլին որդիները չարաչար ապստամբեցան, Քանզի այն օրը ամէն մարդ մէկդի պիտի նետէ Իր արծաթէ կուռքերն ու ոսկիէ կուռքերը, Որոնք իրենց մեղաւոր ձեռքերով շինեցին ձեզի։ «Ասորեստանցին սուրով պիտի իյնայ, բայց ո՛չ թէ մարդու սուրով. Հապա այնպիսի սուր մը պիտի ուտէ զանիկա, որ մարդու սուր չէ Ու անիկա սուրէն պիտի փախչի։ Անոր երիտասարդները հարկատու պիտի ըլլան։ Իր վախին պատճառով իր բերդը պիտի անհետանայ Եւ անոր իշխանները յանկարծ դրօշակը պիտի լքեն», Կ’ըսէ Տէրը, որուն կրակը Սիօնի մէջ է Ու փուռը՝ Երուսաղէմի մէջ։ Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ Ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն։ Այս մարդը՝ ՝ հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս Ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, Չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս Եւ ծարաւուտ երկրի մէջ Մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ։ Տեսնողներուն աչքերը պիտի շլանան, Լսողներուն ականջները մտիկ պիտի ընեն։ Արտորացողներուն սիրտը առողջ դատողութիւն պիտի ունենայ Եւ թոթովախօսներուն լեզուն Յստակ խօսելու պատրաստ պիտի ըլլայ։ Անզգամին անգամ մըն ալ ազնուաբարոյ պիտի չըսուի, Ագահին անգամ մըն ալ առատաձեռն պիտի չըսուի. Վասն զի անզգամը անզգամութեամբ կը խօսի Ու անոր սիրտը անօրէնութեամբ կը գործէ։ Կեղծաւորութիւն կ’ընէ ու Տէրոջը վրայով ամբարշտութեամբ կը խօսի։ Անօթին հոգին կերակուրէ կը զրկէ Ու ծարաւին խմելիքը կը հատցնէ։ Ագահին հնարքները չար են Անիկա սուտ խօսքերով աղքատները կորսնցնելու համար Նենգութիւններ կը խորհի, Եթէ նոյնիսկ տնանկին դատը արդար ըլլայ։ Բայց ազնուաբարոյ մարդը ազնիւ բաներ կը խորհի Ու ազնիւ բաներու վրայ հաստատ կը մնայ։ Ո՛վ հանգիստ կիներ, ելէ՛ք, Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք. Ո՛վ անհոգ աղջիկներ, Իմ խօսքիս ակա՛նջ տուէք։ Օրերով ու տարիներով խռովութեան մէջ պիտի ըլլաք, Ո՛վ անհոգ կիներ, Քանզի այգեկութքը կորսուեցաւ, Հունձքին ժամանակը պիտի չգայ։ Ո՛վ հանգիստ կիներ, դողացէ՛ք. Ո՛վ անհոգ կիներ, խռովութեան մէջ ինկէ՛ք. Հանուեցէ՛ք ու մերկացէ՛ք Ու մէջքերնիդ քուրձ կապեցէ՛ք։ Ցանկալի արտերուն ու պտղաբեր որթատունկին համար Կուրծքերնին պիտի ծեծեն՝ ՝։ Իմ ժողովուրդիս երկրին վրայ Փուշ եւ ցախ պիտի բուսնի. Նոյնպէս բոլոր ուրախութեան տուներուն վրայ՝ Բերկրալի քաղաքին մէջ։ Քանզի պալատները երեսէ պիտի ձգուին, Աղմկայոյզ քաղաքը պիտի լքուի, Բերդերն ու պարիսպները յաւիտեան քարայրներ պիտի ըլլան, Ցիռերու զուարճութեան համար ու խաշինքներու արօտ ըլլալու համար, Մինչեւ որ վերէն մեր վրայ Հոգի թափուի Ու անապատը պտղաբեր արտի դառնայ Եւ պտղաբեր արտը անտառ համարուի։ Այն ատեն անապատին մէջ իրաւունքը պիտի բնակի Ու պտղաբեր արտին մէջ արդարութիւնը պիտի հանգչի։ Եւ արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն Ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան։ Իմ ժողովուրդս խաղաղաւէտ բնակութեան մէջ Ու ապահով վրաններու մէջ Եւ կատարեալ հանգստութեան մէջ պիտի բնակի։ Բայց կարկուտ պիտի իջնէ անտառին վրայ Ու քաղաքը բոլորովին պիտի խոնարհի։ Երանի՜ ձեզի, որ ջուրերու քով կը ցանէք Ու եզն ու էշը ազատ կը թափառին։ Վա՜յ քեզի, ո՛վ կործանող, որ դուն չկործանուեցար Ու վա՜յ քեզի, ո՛վ յափշտակող որ քեզ չյափշտակեցին։ Երբ դուն կործանելը լմնցնես, քեզ պիտի կործանեն. Երբ յափշտակելէ դադրիս, քեզ պիտի յափշտակեն։ Ո՛վ Տէր, մեզի ողորմէ, քեզի՛ կը յուսանք. Ամէն առտու մեր զօրութիւնը եղիր Ու նեղութեան ժամանակ մեզի փրկութիւն եղիր ։ Աղմուկին ձայնէն ժողովուրդները կը փախչին, Քու բարձրանալէդ ազգերը կը ցրուին։ Ձեր աւարը թրթուրին հաւաքուելուն պէս պիտի հաւաքեն. Անոր վրայ՝ մարախներուն ցատկելուն պէս պիտի ցատկեն։ Տէրը բարձրացած է, վասն զի բարձրերը կը բնակի։ Սիօնը իրաւունքով ու արդարութիւնով լեցուց։ Քու ժամանակներուդ հաստատութիւնը Ու փրկութեանդ զօրութիւնը իմաստութիւն ու գիտութիւն պիտի ըլլայ։ Տէրոջը վախը անոր գանձն է։ Ահա անոնց քաջերը դուրսը կ’աղաղակեն. Խաղաղութեան դեսպանները դառնապէս կու լան։ Բանուկ ճամբաները ամայի եղան, Ճամբայէն անցնող չմնաց։ Անիկա ուխտը աւրեց, քաղաքները անարգեց, Մարդը բանի տեղ չի սեպեր. Երկիրը սուգ կը բռնէ ու կը նուաղի, Լիբանան ամչցաւ ու թառամեցաւ, Սարօն անապատի պէս եղաւ։ Բասան ու Կարմեղոս կը թօթուուին։ «Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը, Հիմա պիտի փառաւորուիմ, Հիմա պիտի բարձրանամ։ Դուք յարդով պիտի յղանաք եւ մղեղ պիտի ծնանիք Ու ձեր շունչը կրակի պէս ձեզ պիտի ուտէ։ Ժողովուրդները կիրի այրուելուն պէս պիտի ըլլան. Անոնք կրակի մէջ նետուած փուշերու պէս պիտի այրին»։ Ո՛վ հեռու եղողներ, լսեցէք թէ ի՞նչ ըրի Ու մօտ եղողներ, իմ զօրութիւնս ճանչցէք։ Սիօնի մէջ մեղաւորները կը վախնան, Դողը կեղծաւորները կը բռնէ։ Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ լափող կրակի մէջ. Մեզմէ ո՞վ կրնայ բնակիլ յաւիտենական բոցերուն մէջ։ Արդարութեամբ քալողը եւ ուղղութեամբ խօսողը, Անիրաւութեան շահը մերժողը, Կաշառք առնելէն ձեռք թօթուողը, Արիւնահեղութեան խօսքերը չլսելու համար ականջները գոցողը Ու չարութիւնը չտեսնելու համար աչքերը գոցողը։ Անիկա բարձրերը պիտի բնակի, Անոր բերդը ամուր վէմերու վրայ պիտի ըլլայ. Անոր հաց պիտի տրուի Ու անոր ջուրը անպակաս պիտի ըլլայ։ Քու աչքերդ թագաւորը իր վայելչութիւնովը պիտի տեսնեն, Անոնք հեռաւոր երկրի պիտի նային։ Քու միտքդ վախերու վրայ պիտի մտածէ. «Ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է կշռողը, Ո՞ւր է աշտարակները համրողը։ Դուն պիտի չտեսնես այն խիստ ժողովուրդը, Դժուարիմաց ու անծանօթ լեզու ունեցող ժողովուրդը, Թոթովախօս ու անիմանալի լեզուով խօսող ժողովուրդը ։ Մեր տօնախմբութիւններու քաղաքին՝ Սիօնին՝ նայէ՛։ Քու աչքերդ Երուսաղէմը պիտի տեսնեն, Իբրեւ խաղաղ բնակարան մը ու անխախտ վրան մը, Որուն ցիցերը յաւիտեան պիտի չշարժին Ու չուանները բնաւ պիտի չկտրին։ Հապա հոն փառաւորեալ Տէրը պիտի ըլլայ մեզի Լայնատարած գետերու ու վտակներու տեղ, Ուր թիաքարշ նաւ պիտի չմտնէ Եւ անկէ մեծ նաւ պիտի չանցնի։ Քանզի մեր դատաւորը Տէրն է, Մեր օրէնսդիրը Տէրն է, Մեր թագաւորը Տէրն է, Անիկա մեզ պիտի ազատէ։ Քու չուաններդ թուլցան, Իրենց կայմին խարիսխը չկրցան հաստատ բռնել, Առագաստը չկրցան բանալ։ Այն ատեն մեծ աւար բաժնուեցաւ։ Մինչեւ անգամ կաղերը աւար առին։ Ու հոն բնակողը պիտի չըսէ. «Հիւանդ եմ»։ Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի։ Ո՛վ ազգեր, մօտեցէ՛ք, որպէս զի լսէք, Ո՛վ ժողովուրդներ, ականջ տուէ՛ք. Երկիրն ու անոր լիութիւնը, Աշխարհն ու անոր բոլոր բնակիչները թող մտիկ ընեն։ Վասն զի Տէրոջը բարկութիւնը՝ բոլոր ազգերուն վրայ Ու սրտմտութիւնը անոնց բոլոր զօրքերուն վրայ է։ Անիկա զանոնք նզովեց, զանոնք սպանդի մատնեց։ Անոնց սպաննուածները պիտի նետուին Ու անոնց դիակներէն գէշ հոտ պիտի ելլէ։ Անոնց արիւնէն լեռները պիտի հալին, Երկնքի բոլոր զօրքերը պիտի հալին Ու երկինք մագաղաթի պէս պիտի գալարի Եւ անոր բոլոր զօրքերը վար պիտի թափին՝ Ինչպէս տերեւը որթատունկէն կը թափի Ու ինչպէս թուզը թզենիէն կը թափի։ Քանզի իմ սուրս երկնքի մէջ արբեցած է։ Ահա անիկա Եդովմին վրայ ու իմ նզոված ժողովուրդիս վրայ Դատաստան ընելու պիտի իջնէ։ Տէրոջը սուրը արիւնով լեցուած է Ու ճարպով իւղոտուած է՝ Գառներուն եւ նոխազներուն արիւնովը Ու խոյերուն երիկամունքներուն ճարպովը, Քանզի Տէրը Բօսրայի մէջ զոհ ունի Ու Եդովմի երկրին մէջ՝ մեծ սպանդ։ Անոնց հետ պիտի իյնան միեղջերուները Ու զուարակները՝ ցուլերուն հետ Եւ անոնց երկիրը արիւնով պիտի գինովնայ Ու անոնց հողը ճարպով պիտի պարարտանայ, Քանզի Տէրոջը վրէժխնդրութեան օրը Ու Սիօնին վէճին համար հատուցման տարին է։ Անոր գետերը՝ ձիւթի Ու հողը ծծումբի պիտի դառնան։ Անոր երկիրը վառուած ձիւթ պիտի ըլլայ, Գիշեր ու ցորեկ պիտի չմարի. Անոր ծուխը յաւիտեան պիտի ելլէ Եւ դարէ դար աւերակ պիտի մնայ։ Յաւիտեանս յաւիտենից անկէ անցնող պիտի չըլլայ։ Հապա զանիկա հաւալուսներն ու ոզնիները պիտի ժառանգեն։ Հոն քաջահաւն ու ագռաւը պիտի բնակին։ Անոր վրայ դատարկութեան լարը Եւ ունայնութեան կշիռքը պիտի քաշուի։ Անոր ազնուականները թագաւորութեան պիտի կանչեն, Բայց հոն մէկը պիտի չգտնուի։ Անոր բոլոր իշխանները պիտի ոչնչանան։ Անոր պալատներուն մէջ փուշեր։ Անոր պարիսպներուն վրայ եղիճ ու եկքան պիտի բուսնին. Չագալներու՝ բնակարան, Ջայլամներու գաւիթ պիտի ըլլայ։ Վայրենի կատուները բորենիներուն պիտի հանդիպին, Այծամարդերը իրարու ձայն պիտի տան։ Յուշկապարիկները հոն պիտի հանգչին Ու հոն իրենց հանգիստ տեղ պիտի գտնեն։ Հոն իժը իր բոյնը պիտի շինէ ու հաւկիթ պիտի ածէ Եւ իր ձագերը պիտի հանէ ու իր հովանիին տակ առնելով պիտի խնամէ։ Ուրուրները հոն պիտի հաւաքուին, ամէն մէկը իր ընկերին հետ։ Տէրոջը գրքին մէջ փնտռեցէ՛ք ու կարդացէ՛ք. Ասոնց մէ՛կը պիտի չպակսի, Մէ՛կուն ընկերը պակաս պիտի չըլլայ, Վասն զի իր բերանը հրամայեր է Ու իր Հոգին պիտի հաւաքէ զանոնք։ Ինք անոնց համար վիճակ ձգեր է Ու իր ձեռքը զանիկա լարով բաժներ է անոնց։ Զանիկա յաւիտեան պիտի ժառանգեն, Դարէ դար անոր մէջ պիտի բնակին։ Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան Եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։ Անիկա բոլորովին պիտի ծաղկի Եւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ։ Անոր պիտի տրուի Լիբանանին փառքը, Կարմեղոսին ու Սարօնին վայելչութիւնը. Անոնք Տէրոջը փառքը, Մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը պիտի տեսնեն։ Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէ՛ք Ու դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէ՛ք։ Թուլասիրտներուն ըսէ՛ք. «Ուժովցէ՛ք, մի՛ վախնաք. Ահա ձեր Աստուածը վրէժխնդրութիւնով Ու Աստուծոյ հատուցումովը պիտի գայ. Անիկա պիտի գայ ու ձեզ պիտի ազատէ»։ Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին Ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ Ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ, Քանզի անապատին մէջ ջուրեր Ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին։ Խորշակահար երկիրը լիճի պիտի դառնայ Ու ծարաւուտ երկիրը ջուրի աղբիւրներ պիտի բղխեցնէ Եւ չագալներուն պառկած բնակարանը Եղէգի ու կնիւնի գաւիթ պիտի ըլլայ։ Հոն պողոտայ ու ճամբայ պիտի ըլլայ Ու անիկա Սրբութեան Պողոտայ պիտի կոչուի։ Անկէ պիղծ մէ՛կը պիտի չանցնի։ Հապա անիկա անոնց համար պիտի ըլլայ, Որոնք անոր կ’երթան ու յիմարներն անգամ պիտի չմոլորին։ Հոն առիւծ պիտի չըլլայ Անոր վրայ պատառող գազան պիտի չելլէ Եւ հոն պիտի չգտնուի, Հապա փրկուածները հոն պիտի քալեն։ Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան, Երգով Սիօն պիտի գան Եւ անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան Եւ տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։ Եզեկիա թագաւորին տասնըչորրորդ տարին, Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը Յուդային բոլոր պարսպապատ քաղաքներուն վրայ յարձակեցաւ ու զանոնք առաւ։ Ասորեստանի թագաւոր Ռափսակը Լաքիսէն շատ զօրքով Երուսաղէմ ղրկեց Եզեկիա թագաւորին ու անիկա թափիչի ագարակին ճամբան՝ վերի աւազանին ջրմուղին վրայ կայնեցաւ։ Եւ պալատին հազարապետը՝ Քեղկիայի որդին Եղիակիմ ու Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաղը անոր գացին։ Ռափսակ անոնց ըսաւ. «Եզեկիային ըսէք. ‘Մեծ թագաւորը, Ասորեստանի թագաւորը, այսպէս կ’ըսէ. Ո՞րն է այն յոյսը, որուն դուն կ’ապաւինիս։ Դուն կը խորհիս թէ պարզ խօսքերը պատերազմի համար ռազմագիտութիւն եւ զօրութիւն են, բայց անոնք շրթունքի խօսքեր են։ Ուրեմն որո՞ւն ապաւինելով ինծի դէմ ապստամբեցար։ Դուն այն ջախջախուած եղէգէ ցուպին՝ Եգիպտոսին՝ ապաւինեցար, որ եթէ անոր մարդ մը կռթնի՝ ձեռքը պիտի մտնէ ու զանիկա պիտի ծակէ։ Եգիպտոսին Փարաւոն թագաւորը բոլոր իրեն ապաւինողներուն այնպէս է։ Բայց եթէ ինծի ըսես թէ՝ ‘Մենք մեր Եհովա Աստուծոյն կ’ապաւինինք’, ասիկա ան չէ՞, որուն բարձր տեղերն ու սեղանները Եզեկիան վերցուց եւ Յուդային ու Երուսաղէմին ըսաւ. ‘ Միայն այս սեղանին առջեւ երկրպագութիւն ըրէք’։ Ու հիմա իմ տիրոջս Ասորեստանի թագաւորին հետ հաշտուէ՝ ՝ ու քեզի երկու հազար ձի տամ, եթէ դուն քու կողմանէդ անոնց վրայ հեծնողներ ունիս։ Եւ իմ տիրոջս ամենէն պզտիկ ծառաներէն մէկ կուսակալին ի՞նչպէս կրնաս դէմ դնել, որ դուն կառքերու ու ձիերու համար Եգիպտոսին կ’ապաւինիս։ Հիմա այս երկրին վրայ արդեօք առանց Եհովայի հրամանի՞ն ելեր եմ՝ զանիկա աւերելու համար։ Ինծի Եհովան ըսաւ. ‘Այն երկրին վրայ ելի՛ր ու զանիկա աւերէ՛’»։ Եղիակիմ եւ Սեբնա ու Յովաք Ռափսակին ըսին. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներուդ հետ Ասորերէն խօսիր, քանզի մենք կը հասկնանք։ Մեզի հետ Եբրայեցերէն մի՛ խօսիր, քանի որ պարսպին վրայ եղող ժողովուրդը կը լսէ» Բայց Ռափսակ ըսաւ. «Միթէ այս խօսքերը լսելու համար իմ տէրս զիս միայն քու տիրոջդ ու քեզի՞ ղրկեց. չէ՞ որ այն մարդոց ալ ՝ որոնք պարսպին վրայ կը նստին ձեզի հետ իրենց աղբը ուտելու ու իրենց մէզը խմելու»։ Ռափսակ ոտքի ելաւ ու մեծ ձայնով մը Եբրայեցերէն աղաղակեց ու ըսաւ. «Մեծ թագաւորին, Ասորեստանի թագաւորին, խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք։ Թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եզեկիա ձեզ թող չխաբէ, քանզի անիկա չի կրնար ձեզ ազատել։ Եզեկիա թող ձեր յոյսը Եհովային վրայ չդնէ՝ ըսելով. Եհովա մեզ անշուշտ պիտի ազատէ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը պիտի չտրուի’։ Եզեկիային մտիկ մի՛ ընէք, քանզի Ասորեստանի թագաւորը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինծի հետ հաշտութիւն ըրէ՛ք ու ինծի ելէ՛ք։ Ամէն մարդ իր որթատունկէն ու ամէն մարդ իր թզենիէն թող ուտէ։ Ամէն մարդ իր ջրհորին ջուրէն թող խմէ, Մինչեւ ես գամ ու ձեզ ձեր երկրին պէս երկիր մը, ցորենի ու գինիի երկիր մը, հացի ու այգիներու երկիր մը տանիմ։ Չըլլայ թէ Եզեկիա ձեզ գլխէ հանէ՝ ըսելով. ‘Եհովա մեզ պիտի ազատէ’։ Միթէ միւս ազգերուն աստուածները Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն՝ ամէն մէկը իր երկիրը ազատե՞ց։ Եմաթին ու Արփաթին աստուածները ո՞ւր են. Սեփարուիմին աստուածները ո՞ւր են. միթէ անոնք Սամարիան իմ ձեռքէս ազատեցի՞ն։ Այս երկիրներուն աստուածներէն ո՞րը իր երկիրը իմ ձեռքէս ազատեց, որ Եհովան Երուսաղէմը իմ ձեռքէս ազատէ’»։ Անոնք լուռ կեցան եւ անոր ամենեւին պատասխան մը չտուին. քանզի թագաւորը հրամայեր էր՝ «Անոր պատասխան մի՛ տաք»։ Քեղկիային որդին Եղիակիմ՝ պալատին հազարապետը եւ Սեբնա ատենադպիրն ու յիշատակներու դպիր Ասափին որդին Յովաք հանդերձնին պատռած՝ Եզեկիային գացին ու Ռափսակին խօսքերը անոր պատմեցին։ Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ եւ Տէրոջը տունը մտաւ. Պալատին հազարապետը՝ Եղիակիմ եւ Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած՝ Ամովսին որդիին Եսայի մարգարէին ղրկեց։ Անոնք անոր ըսին. «Եզեկիան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այսօր նեղութեան, կշտամբանքի ու նախատինքի օր է. քանզի տղաքը մինչեւ ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։ Կարելի է քու Տէր Աստուածդ Ռափսակին խօսքերը լսէ, որ իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար ու քու Տէր Աստուածդ իր լսած խօսքերուն համար պիտի յանդիմանէ։ Ուրեմն մնացորդին համար աղօթք ըրէ՛’»։ Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիին գացին։ Ու Եսայի անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը այսպէս ըսէք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները ինծի հայհոյեցին։ Ահա ես անոր վրայ ոգի մը կը ղրկեմ ու լուր մը լսելով՝ իր երկիրը պիտի դառնայ ու զանիկա իր երկրին մէջ սուրով պիտի կործանեմ’»։ Ռափսակ դարձաւ ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ, որ Լեբնային հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր որ Լաքիսէն չուեր է։ Սենեքերիմ Եթովպիացիներուն Թարակա թագաւորին համար լսեց թէ կ’ըսէին. « Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է»։ Երբ ասիկա լսեց, Եզեկիային դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով. «Յուդային Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսեցէք ու ըսէք. ‘Այն քու Աստուածդ, որուն դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ, որպէս զի Երուսաղէմը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը չտրուի։ Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին ու ի՛նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս։ Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովղանին, Խառանին, Ռեսեփին ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմին որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։ Ո՞ւր է Եմաթին թագաւորն ու Սեփարուիմ քաղաքին, Անայի եւ Աւայի թագաւորը’»։ Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց եւ Տէրոջը տունը ելաւ ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ բացաւ զանիկա։ Եզեկիա Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, երկրին բոլոր թագաւորներուն վրայ միայն դո՛ւն ես Աստուած. երկինքն ու երկիրը դուն ստեղծեցիր։ Ո՛վ Տէր, ականջդ խոնարհեցո՛ւր ու լսէ՛։ Ո՛վ Տէր, աչքերդ բա՛ց ու նայէ՛ եւ լսէ՛ Սենեքերիմին բոլոր խօսքերը, որոնք ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար։ Ո՛վ Տէր, իրաւցընէ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր ազգերը ու անոնց երկիրները աւերեցին, Անոնց աստուածները կրակի տուին. վասն զի անոնք աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար էին. անոր համար զանոնք կորսնցուցին։ Եւ հիմա դուն, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ՛ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրին բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դուն ես Տէրը»։ Ամովսին որդին Եսայի Եզեկիային մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար աղօթք ըրիր ինծի, Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է. ‘Սիօնին կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ, Երուսաղէմին աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։ Դուն ո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր Եւ աչքերդ Իսրայէլի Սուրբին դէմ վեր վերցուցիր։ Քու ծառաներուդ ձեռքով Տէրը նախատելով՝ ըսիր, Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձրերը, Լիբանանի քովերը ելայ Ու անոր բարձր եղեւինները Եւ ընտիր մայրիները պիտի կտրեմ՝ ՝ Ու անոր խիստ բարձր ծայրը, Անոր Կարմեղոսի անտառը պիտի մտնեմ՝ ՝։ Ես փորեցի ու ջուր խմեցի։ Պաշարուած տեղերուն բոլոր գետերը Ոտքերուս թաթովը ցամքեցուցի։ Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա ես շինեցի Ու առաջուընէ ձեւակերպեցի. Հիմա հասցուցի, Որպէս զի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի հողակոյտերու դարձնես։ Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար Զարհուրեցան ու շփոթեցան։ Անոնք դաշտի խոտի եւ կանանչ բանջարի պէս Ու տանիքի խոտի պէս Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնուած հունձքի պէս եղան։ Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ Եւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ։ Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս հասան, Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ ե իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ։ «Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ, Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք Ու երրորդ տարին ցանեցէ՛ք ու հնձեցէ՛ք Եւ այգիներ տնկեցէ՛ք ու անոնց պտուղը կերէ՛ք։ Եւ Յուդային տանը ազատուած մնացորդը Վարէն արմատ պիտի արձակէ Ու վերէն պտուղ պիտի տայ։ Քանզի Երուսաղէմէն՝ մնացորդ մը Ու Սիօն լեռնէն՝ ազատուածներու խումբ մը պիտի գայ. Ասիկա զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ»։ Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ, Անոր նետ պիտի չնետէ, Անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնեցնէ, այլ Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ։ Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ ու զանիկա ազատեմ, Ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։ Ու Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ։ Երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնքը մեռած մարմիններ էին։ Ուստի Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ։ Երբ անիկա իր Աստուծոյն Նեսրաքին տանը մէջ երկրպագութիւն կ’ընէր, անոր որդիները Ադրամելէք ու Սարասար զանիկա սուրով զարկին ու Արարատի երկիրը փախան եւ անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ։ Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս’»։ Եզեկիա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալելս եւ քու աչքիդ առջեւ բարութիւն ընելս յիշէ» ու Եզեկիա մեծ լացով մը լացաւ։ Տէրոջը խօսքը եղաւ Եսայիին՝ ըսելով. «Գնա՛, Եզեկիային ըսէ՛. Քու հօրդ Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ։ Ահա ես քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ Եւ քեզ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ։ Այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ’։ Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան ըլլայ թէ Տէրը այս իր ըսած խօսքը պիտի կատարէ. ‘Ահա ստուերը Աքազին արեւու ժամացոյցին վրայ իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ պիտի դարձնեմ’» ու արեւը իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ դարձաւ։ Այս է Յուդայի Եզեկիա թագաւորին գրածը, որ իր հիւանդանալուն ու հիւանդութենէ ելլելուն ատենը գրեց. «Ես ըսի՝ ‘Իմ օրերուս հանգիստ ժամանակին՝ ՝ մէջ Գերեզմանին դռները պիտի երթամ. Մնացած տարիներէս զրկուեցայ’։ Ըսի՝ Տէրը պիտի չտեսնեմ, Տէրը պիտի չտեսնեմ կենդանիներուն երկրին մէջ Եւ միւս աշխարհին բնակիչներուն հետ ըլլալով, Ա՛լ մարդու պիտի չնայիմ։ Իմ շրջանս կը չուէ Ու հովիւներուն տաղաւարին պէս ինծմէ կը փոխադրուի։ Իմ կեանքս կտրեցի ոստայնանկի պէս. Առէջէն զիս կը կտրէ, Ցորեկուրնէ մինչեւ գիշեր զիս պիտի լմնցնես։ Մինչեւ առաւօտ սպասեցի. Առիւծի պէս բոլոր ոսկորներս կը կոտրէ. Ցորեկուընէ մինչեւ գիշեր զիս պիտի լմնցնես։ Կռունկի պէս կամ ծիծեռնակի պէս կը ճչէի, Աղաւնիի պէս կը մնչէի։ Վեր նայելէն աչքերս տկարացան։ Ո՛վ Տէր, տագնապի մէջ եմ, ինծի ձեռնտո՛ւ եղիր։ Ի՞նչ ըսեմ. ինք ինծի խօսեցաւ ու ինք կատարեց։ Իմ բոլոր տարիներուս մէջ Հոգիիս այս ցաւին համար կամաց կամաց պիտի քալեմ։ Ո՛վ Տէր, մարդիկ ասոնցմով կ’ապրին Ու իմ հոգիիս կեանքը ասոնց ամենուն մէջն է։ Զիս բժշկեցիր ու ապրեցուցիր։ Խաղաղութեան տեղ մեծ դառնութիւն եկաւ ինծի. Բայց դուն իմ հոգիս սիրեցիր ու ապականութեան գուբէն փրկեցիր, Վասն զի բոլոր մեղքերս կռնակիդ ետեւը նետեցիր։ Քանզի գերեզմանը քեզ չի կրնար օրհնել, Մահը քեզի փառք չի կրնար տալ. Գուբը իջնողները քու ճշմարտութեանդ չեն կրնար յուսալ։ Ապրողը, ապրո՛ղը քեզ պիտի օրհնէ, Ինչպէս ես այսօր կ’ընեմ ։ Հայրը իր որդիներուն պիտի գիտցնէ քու ճշմարտութիւնդ։ Տէրը իմ փրկութիւնս եղաւ, Անոր համար մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ, Իմ օրհնութիւններս Տէրոջը տանը մէջ Լար ունեցող նուագարաններով պիտի երգենք։ Վասն զի Եսայի ըսեր էր. «Չոր թուզեր թող առնեն, մանրեն ու վէրքին վրայ դնեն եւ պիտի առողջանայ»։ Ու Եզեկիա ըսեր էր. «Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանին որդին Մարովդաք-Բաղադան, նամակներ ու ընծաներ ղրկեց Եզեկիային, քանզի անոր հիւանդանալը եւ առողջանալը լսեր էր։ Եզեկիա ատոնց համար ուրախացաւ եւ իր թանկագին բաներուն տունը, արծաթն ու ոսկին ու խունկերը եւ պատուական իւղը ու իր զէնքերուն բոլոր տունը եւ իր գանձերուն մէջ բոլոր գտնուածը ցուցուց։ Իր տանը մէջ եւ իր բոլոր տէրութեանը մէջ բան մը չմնաց, որ Եզեկիա անոնց չցուցնէ։ Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Այդ մարդիկը ի՞նչ ըսին եւ ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա ըսաւ. «Ինծի հեռու տեղէ, Բաբելոնէն եկան»։ Անիկա ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա ըսաւ. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան ու գանձերուս մէջ բան չմնաց որ անոնց չցուցնէի»։ Այն ատեն Եզեկիային ըսաւ. «Զօրքերու Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ. ‘Ահա օրեր պիտի գան, որ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու ինչ որ քու հայրերդ մինչեւ այսօր հաւաքեցին Բաբելոն պիտի տարուին, բան մը պիտի չմնայ’։ Քու սեփական որդիներդ ալ պիտի առնեն եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինիներ պիտի ըլլան»։ Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը, որ դուն ըսիր, բարի է»։ Նաեւ ըսաւ. «Որովհետեւ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։ «Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք, իմ ժողովուրդս», Կ’ըսէ ձեր Աստուածը. Երուսաղէմին քաղցրութեամբ խօսեցէք Ու անոր ըսէք թէ՝ իր պատերազմելու ժամանակը լրացաւ Եւ իր անօրէնութիւնը ներուեցաւ, Քանզի իր բոլոր մեղքերուն համար Տէրոջ ձեռքէն կրկին հատուցում առաւ»։ Անապատին մէջ կանչողին ձայնը. «Տէրոջը՝ ՝ ճամբա՛ն պատրաստեցէք Ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւի՛ղ շտկեցէք։ Ամէն ձոր պիտի բարձրանայ, Ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ, Ծուռը պիտի շտկուի, Խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ըլլան։ Տէրոջը փառքը պիտի յայտնուի Եւ ամէն մարմին մէկտեղ զանիկա պիտի տեսնէ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։ Ձայն մը ըսաւ. «Կանչէ՛» Ու ես ըսի. «Ի՞նչ կանչեմ»։ Ամէն մարմին խոտ է։ Անոր բոլոր վայելչութիւնը դաշտի ծաղիկին պէս է։ Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Երբ անոր վրայ Տէրոջը հովը փչէ։ Իրաւցընէ ժողովուրդը խոտ է։ Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, Բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ։ Ելի՛ր բարձր լերան վրայ, Ո՛վ դուն, որ Սիօնին աւետիս կը բերես, Քու ձայնդ ուժո՛վ բարձրացուր, Ո՛վ դուն, որ Երուսաղէմին աւետիս կը բերես. Բարձրացո՛ւր, մի՛ վախնար. Յուդայի քաղաքներուն ըսէ. «Ահա ձեր Աստուածը»։ Ահա Տէր Եհովան զօրութեամբ պիտի գայ Ու անոր բազուկը իրեն համար պիտի իշխէ։ Ահա իր վարձքը իրեն հետ է Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է։ Անիկա հովիւի պէս իր հօտը պիտի հովուէ. Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ Ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ Եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ։ Ո՞վ իր ափովը ջուրերը չափեց Ու թիզով երկինքը ծրագրեց Ու երկրի հողը չափի մէջ ամփոփեց Ու լեռները կշռաթաթով Ու բլուրները կշիռքով կշռեց։ Ո՞վ քննեց Տէրոջը Հոգին Ու անոր խորհրդակից ըլլալով՝ ուղղութիւն տուաւ անոր։ Անիկա որո՞ւ խորհուրդ հարցուց, Ո՞վ անոր իմաստութիւն տուաւ Ու դատաստանի ճամբան սորվեցուց։ Ո՞վ անոր գիտութիւն սորվեցուց Ու իմաստութեան ճամբան ճանչցուց։ Ահա ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են Ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին, Ահա կղզիները ցրուած փոշիի պէս են՝ ՝։ Լիբանանը կրակի համար բաւական չէ Ու անոր անասունները ողջակէզի համար բաւական չեն։ Բոլոր ազգերը անոր առջեւ ոչինչի պէս Ու ոչինչէն պակաս եւ ունայնութիւն կը սեպուին։ Ուստի դուք Աստուած որո՞ւ կը նմանցնէք Ու զանիկա ի՞նչ նմանութեան հետ կը բաղդատէք։ Արուեստագէտը կը ձուլէ կուռքը Ու ոսկերիչը զանիկա ոսկիով կը պատէ Եւ անոր արծաթէ շղթաներ կը շինէ։ Այն աղքատը որ չի կրնար մեծածախս նուէրներ տալ, Անփուտ փայտ կ’ընտրէ, Իրեն վարպետ արհեստաւոր կը փնտռէ, Որպէս զի անշարժ կուռք մը շինէ։ Միթէ չգիտցա՞ք, չլսեցի՞ք, Ձեզի առաջուրնէ չըսուեցա՞ւ, Երկրին հիմնադրութենէն չհասկցա՞ք։ Ի՛նքն է երկրի շրջանակին վրայ նստողը Ու անոր բնակիչները մարախներու պէս են։ Ի՛նքն է երկինքը վարագոյրի պէս տարածողը Ու նստելու համար զանիկա վրանի պէս կանգնեցնողը։ Ի՛նքն է իշխանները բնաջինջ ընողը Ու երկրի դատաւորները ոչնչացնողը։ Հազիւ թէ անոնք տնկուած, ցանուած են ու Անոնց բունը հողի մէջ արմատացած է, Անիկա անոնց վրայ կը փչէ ու անոնք կը չորնան Եւ փոթորիկը զանոնք մղեղի պէս կը տանի։ «Արդ՝ որո՞ւ կը նմանցնէք զիս, Որ ես անոր հաւասար ըլլամ», կ’ըսէ Սուրբը։ Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, Ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ Անոնց ամէնքը իրենց անունովը կը կանչէ։ Իր մեծ իշխանութիւնովը ու սաստիկ զօրութիւնովը Անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր։ Ո՛վ Յակոբ, ինչո՞ւ կ’ըսես Ու ո՛վ Իսրայէլ, ինչո՞ւ կը յայտարարես թէ՝ «Իմ ճամբաս Տէրոջմէ ծածկուեցաւ Եւ իմ իրաւունքս իմ Աստուծմէս զանց առնուեցաւ»։ Միթէ չգիտցա՞ր կամ չլսեցի՞ր Թէ յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, Երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, Չի յոգնիր ու չի թուլնար. Անոր իմաստութիւնը չի քննուիր։ Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը Ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը։ Երիտասարդները անգամ պիտի յոգնին ու թուլնան Եւ ընտիր կտրիճները բոլորովին պիտի իյնան, Բայց Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի Եւ անոնք արծիւներու պէս թեւերով վեր պիտի ելլեն՝ ՝, Պիտի վազեն ու չթուլնան, Պիտի քալեն ու չյոգնին։ Ո՛վ կղզիներ, իմ առջեւս լո՛ւռ կեցէք։ Ժողովուրդները իրենց ոյժը թող նորոգեն, Թող մօտենան ու ապա խօսին։ Մէկտեղ դատաստանի մօտենանք։ Ո՞վ արդարը արեւելքէն ոտքի հանեց Եւ զայն իր ոտքը կանչեց։ Ազգերը անոր առջեւը բերաւ Եւ թագաւորները ոտքի տակ կոխկռտեց, Իր սուրով զանոնք փոշիի պէս ըրաւ Եւ հողմավար մղեղի պէս աղեղով քշեց։ Զանոնք հալածեց եւ խաղաղութեամբ անցաւ Այնպիսի ճամբայէ մը, ուր բնաւ ոտք կոխած չէր։ Ո՞վ է ասիկա գործողն ու ընողը Ու ազգերը սկիզբէն կանչողը։ Ես, Տէրս, որ առաջինն եմ Ու վերջիններուն հետ պիտի ըլլամ։ Կղզիները տեսան ու վախցան, Երկրին ծայրերը դողացին, Անոնք հաւաքուեցան ու մօտեցան։ Ամէն մէկը իր ընկերին օգնեց, Ամէն մարդ իր ընկերին «Զօրացի՛ր», ըսաւ։ Արուեստագէտը՝ ոսկերիչին, Ուռով ծեծողը սալի վրայ զարնողին սիրտ կու տայ Ու կ’ըսէ. «Ասիկա փակցնելու համար աղէկ է»։ Եւ զանիկա գամերով կը գամէ, որպէս զի չշարժի։ Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ եւ Իմ ընտրեալս Յակո՛բ, Իմ սիրելիիս՝ Աբրահամին՝ սերունդը, Որ երկրի ծայրերէն առի, Քեզ անոր եզերքներէն կանչեցի Եւ քեզի ըսի. «Դուն իմ ծառաս ես, Քեզ ընտրեցի ու չմերժեցի»։ Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ Ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։ Ահա քեզի դէմ ամէն բարկացողները Պիտի ամչնան ու պիտի պատկառին Ու քեզի հետ վիճող մարդիկը Չեղածի պէս պիտի ըլլան ու պիտի կորսուին։ Քեզի հետ կռուող մարդիկը Պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես. Քեզի հետ պատերազմող մարդիկը Չեղածի պէս պիտի ըլլան։ Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ, Որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»։ Ո՛վ Յակոբի որդի, մի՛ վախնար, Ո՛վ Իսրայէլի մահկանացուներ, Ձեզի պիտի օգնեմ, կ’ըսէ Տէրը Ու Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ։ Ահա ես քեզ նոր, սուր եւ ատամնաւոր կամնասայլի պէս պիտի ընեմ։ Լեռները պիտի մանրես ու փշրես Եւ բլուրները մղեղի պիտի դարձնես. Զանոնք պիտի հոսես ու հովը զանոնք պիտի տանի Եւ փոթորիկը զանոնք պիտի ցրուէ Ու դուն Տէրոջմով պիտի ցնծաս, Իսրայէլի Սուրբովը պիտի պարծենաս։ Աղքատներն ու տնանկները ջուր կը փնտռեն, բայց չկայ. Անոնց լեզուն ծարաւէն չորցեր է. Ես Տէրս անոնց խնդրուածքին պիտի պատասխանեմ։ Ես, Իսրայէլի Աստուածը, զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։ Բարձր տեղերու վրայ՝ գետեր Ու հովիտներու մէջ աղբիւրներ պիտի բանամ. Անապատը՝ ջուրի լճի Ու չոր երկիրը ջուրի աղբիւրներու պիտի դարձնեմ։ Անապատին մէջ եղեւին, Սատիմ, մրտենի եւ իւղի ծառ պիտի տնկեմ, Անջուր երկրին մէջ մայրի, Սօսի ու տօսախ մէկտեղ պիտի դնեմ, Որպէս զի տեսնեն ու գիտնան Ու մէկտեղ մտածեն ու հասկնան, Թէ ասիկա Տէրոջը ձեռքը ըրաւ Ու Իսրայէլի սուրբը ստեղծեց։ «Ձեր դատը յառա՛ջ բերէք», կ’ըսէ Տէրը. «Ձեր զօրաւոր փաստերը մօտեցուցէ՛ք», կ’ըսէ Յակոբին Թագաւորը։ Թող մօտեցնեն ու ինչ ըլլալիքը մեզի պատմեն. Առաջինները մեզի պատմեն թէ անոնք ի՛նչ էին, Որպէս զի մտքերնիս պահենք ու անոնց վախճանը գիտնանք, Կամ ապագայ բաները մեզի գիտցնեն։ Ասկէ ետքը ըլլալիքները պատմեցէ՛ք, Որպէս զի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք. Կա՛մ աղէկ կա՛մ գէշ բան մը ըրէք, Որպէս զի զարմանանք ու մէկտեղ տեսնենք։ Ահա դուք ոչինչ էք, ձեր գործն ալ ոչինչ է։ Ձեզ ընտրողը գարշելի է։ Հիւսիսի կողմէն մէկը արթնցուցի Եւ պիտի գայ ու արեւելքէն իմ անունս պիտի կանչէ Եւ իշխանները տիղմի պէս պիտի կոխկռտէ, Ինչպէս բրուտը կաւը կը կոխկռտէ։ Ո՞վ պատմեց սկիզբէն՝ որ գիտնանք Ու առաջուան դարերէն՝ որ «Ճշմարիտ է», ըսենք. Ո՛չ յայտնող մը կայ, ո՛չ գիտցնող մը Եւ ո՛չ ալ ձեր խօսքերուն մտիկ ընող մը։ Առաջ ես զայն ըսի Սիօնին Ու Երուսաղէմին աւետիս բերող մը տուի։ Եւ նայեցաւ ու մարդ մը չկար, Բնաւ խորհրդական մը չկար, Որուն հարցնէի, որ պատասխան տար։ Ահա ամէնքը սնոտի են, գործերնին ոչինչ է. Անոնց ձուլածոյ կուռքերը պարապ հով են։ Ահա իմ ծառաս, որուն ձեռնտու պիտի ըլլամ Ու իմ ընտրածս, որուն իմ սիրտս հաւնեցաւ։ Իմ հոգիս անոր վրայ դրի. Անիկա ազգերուն իրաւունք պիտի ընէ։ Անիկա պիտի չպոռայ ու պիտի չաղաղակէ Եւ իր ձայնը դուրսը լսել պիտի չտայ։ Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ Ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, Իրաւունքը հաւատարմութեամբ պիտի յայտնէ։ Անիկա պիտի չտկարանայ ու պիտի չթուլնայ, Մինչեւ որ իրաւունքը երկրի վրայ հաստատէ։ Կղզիները անոր օրէնքին պիտի սպասեն։ Երկինքը ստեղծող ու զանիկա կազմող, Երկիրը ու անոր մէջ բուսածը տարածող, Անոր վրայ եղող ժողովուրդին՝ շունչ Եւ անոր մէջ քալողներուն ոգի տուող Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Ես՝ Տէրս՝ քեզ արդարութեամբ կանչեցի։ Ձեռքէդ պիտի բռնեմ ու քեզ պիտի պաշտպանեմ։ Քեզ ժողովուրդին՝ իբր ուխտ Ու ազգերուն իբր լոյս պիտի տամ, Որպէս զի կոյրերուն աչքերը բանաս, Բանտարկեալները բանտէն հանես Ու խաւարի մէջ նստողները՝ կապանքի տունէն։ Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է. Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, Ո՛չ ալ իմ պատիւս՝ կուռքերուն։ Առաջուան բաները ահա եղան Ու նորերը ես կը յայտնեմ։ Անոնք դեռ չեղած ձեզի պիտի իմացնեմ»։ Նոր ե՛րգ երգեցէք Տէրոջը Ու անոր գովութիւնը՝ երկրի ծայրերէն, Ո՛վ ծով իջնողներ ու զանիկա լեցնողներ, Կղզիներ եւ անոնց բնակիչները։ Անապատն ու անոր քաղաքները, Կեդարի բնակած գիւղերը թող ձայն բարձրացնեն։ Վէմին բնակիչները յաղթանակի երգով Լեռներուն գլխէն թող ձայն տան. Տէրոջը փառք տան Եւ անոր գովութիւնը կղզիներուն մէջ պատմեն։ Տէրը հզօրի պէս պիտի ելլէ, Պատերազմող մարդու պէս իր նախանձը պիտի արթնցնէ. Պիտի աղաղակէ ու բարձրաձայն պիտի գոչէ Եւ իր թշնամիներուն պիտի յաղթէ՝ ՝։ Ես երկար ժամանակ լուռ կեցայ, Ձայնս կտրեցի ու զիս զսպեցի. Հիմա ծնանող կնոջ պէս պիտի պոռամ, Պիտի աւերեմ ու մէկէն պիտի կլլեմ՝ ՝. Լեռներն ու բլուրները անապատ պիտի ընեմ, Անոնց բոլոր խոտը պիտի չորցնեմ, Գետերը ցամաքի պիտի վերածեմ Եւ լիճերը պիտի ցամքեցնեմ։ Կոյրերը իրենց չգիտցած ճամբուն մէջ պիտի պտըտցնեմ, Զանոնք իրենց չգիտցած շաւիղներուն մէջ պիտի քալեցնեմ. Անոնց առջեւ խաւարը՝ լոյս ու խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ընեմ. Անոնց այս բաները պիտի ընեմ ու զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։ Քանդակուած կուռքերու ապաւինողները Եւ ձուլածոյ կուռքերուն՝ ‘Դուք մեր աստուածներն էք’ ըսողները Ետ պիտի դառնան ու պիտի ամչնան։ Ո՛վ խուլեր, լսեցէ՛ք Եւ ո՛վ կոյրեր, նայեցէ՛ք, որպէս զի տեսնէք։ Ո՞վ է կոյր իմ ծառայէս զատ, Կամ խուլ՝ իմ ղրկած դեսպանիս պէս. Ո՞վ է կոյր՝ Աստուծոյ նուիրեալին պէս Եւ խուլ՝ Տէրոջը ծառային պէս։ Շատ բաներ կը տեսնես, բայց զգուշութիւն չես ըներ. Ականջներդ բաց են, բայց չես լսեր։ Տէրը իր արդարութեանը համար անոր հաճեցաւ, Իր օրէնքը մեծցուց ու փառաւորեց, Բայց անիկա յափշտակուած եւ կողոպտուած ժողովուրդ մըն է, Ամէնքը քարայրներու մէջ որոգայթի բռնուեցան Ու բանտերու մէջ պահուեցան։ Անոնք յափշտակուեցան, բայց ազատող մը չկայ. Կողոպտուեցան, բայց մէկը չի գտնուիր որ «Ետ տուր», ըսէ։ Ձեր մէջ ո՞վ կայ, որ ասոր ականջ դնէ Եւ մտիկ ընէ ու լսէ ինչ որ պիտի գայ։ Ո՞վ մատնեց Յակոբը՝ յափշտակուելու Ու Իսրայէլը՝ կողոպտուելու։ Չէ՞ որ Տէրը՝ որուն դէմ մեղք գործեցին, Վասն զի անոր ճամբաներուն մէջ քալել չուզեցին Եւ անոր օրէնքին չհնազանդեցան։ Ուստի իր սաստիկ բարկութիւնը Ու պատերազմի ուժգնութիւնը անոր վրայ թափեց։ Ամէն կողմէ զանիկա բռնկցուց, բայց անիկա չգիտցաւ. Զանիկա այրեց, բայց անիկա իր սրտին մէջ չառաւ։ Հիմա, ո՛վ Յակոբ, քեզ ստեղծողը Ու ո՛վ Իսրայէլ, քեզ ձեւակերպող Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզ փրկեցի, Քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն իմս ես։ Երբ ջուրերէն անցնիս, ես քեզի հետ պիտի ըլլամ, Երբ գետերէն անցնիս, պիտի չընկղմիս, Երբ կրակի մէջէն քալես, պիտի չայրիս, Բոցը քեզ պիտի չբռնկեցնէ։ Քանզի ես՝ քու Տէր Աստուածդ՝ Իսրայէլի Սուրբը՝ քու Փրկիչդ եմ. Եգիպտոսը քեզի իբր փրկանք, Եթովպիան ու Սաբան քու տեղդ տուի։ Քանի որ իմ առջեւս պատուական եղար, Պատիւ գտար եւ ես քեզ սիրեցի. Անոր համար քու անձիդ փոխարէն՝ մարդ Ու քու հոգիիդ փոխարէն ժողովուրդներ պիտի տամ։ Մի՛ վախնար, քանզի ես քեզի հետ եմ. Քու սերունդդ արեւելքէն պիտի բերեմ Եւ քեզ արեւմուտքէն պիտի հաւաքեմ։ Հիւսիսին պիտի ըսեմ՝ «Տո՛ւր» Ու հարաւին՝ «Մի՛ արգիլեր». Իմ տղաքներս հեռուէն Ու աղջիկներս երկրի ծայրէն բե՛ր, Այսինքն բոլոր իմ անունովս կոչուածները. Վասն զի անոնք իմ փառքիս համար ստեղծեցի, Զանոնք ձեւակերպեցի ու կազմեցի»։ Աչք ունեցող կոյր ժողովուրդը Ու ականջ ունեցող խուլերը հանեցէք։ Բոլոր ազգերը մէկտեղ թող հաւաքուին Եւ ժողովուրդները թող հաւաքուին. Անոնցմէ ո՞վ կրնայ ասիկա յայտնել Ու սկիզբի բաները մեզի գիտցնել։ Իրենց վկաները թող բերեն որպէս զի արդարանան Եւ մարդիկ լսեն ու ըսեն թէ՝ ‘Ասիկա ճշմարիտ է’։ «Իմ վկաներս դուք էք», կ’ըսէ Տէրը, Նաեւ իմ ընտրած ծառաս. Որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք Եւ հասկնաք թէ ես եմ. Ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ Ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։ Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ Եւ ինծմէ ուրիշ փրկիչ չկայ։ Ես պատմեցի ու փրկեցի եւ գիտցուցի, Երբ ձեր մէջ օտար աստուած չկար Ու իմ վկաներս դո՛ւք էք, կ’ըսէ Տէրը, որ ե՛ս եմ Աստուած»։ Սկիզբէն ի վեր ես նոյնն եմ Ու չկայ մէկը, որ իմ ձեռքէս կարենայ ազատիլ. Երբ ես բան մը ընեմ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել»։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Ձեր Փրկիչը՝ Իսրայէլի Սուրբը. «Ձեր սիրոյն համար Բաբելոն կը ղրկեմ Եւ անոնց ամէն փախստականները Ու նաւերու մէջ աղաղակող Քաղդէացիները կ’իջեցնեմ՝ ՝։ Ես եմ Եհովան՝ ձեր Սուրբը, Իսրայէլի Ստեղծիչը, ձեր Թագաւորը։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, որ ծովու մէջ ճամբայ Ու զօրաւոր ջուրերու մէջ շաւիղ կը բանայ, Որ կառքն ու ձին, զօրքը եւ հզօրութիւնը կը հանէ, Անոնք մէկտեղ կը պառկին ու չեն ելլեր, Անոնք պատրոյգի պէս կը մարին եւ կ’անցնին։ «Առաջուանները մի՛ յիշէք Ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք։ Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի։ Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք։ Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ Ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բղխեցնեմ։ Զիս դաշտի գազանները, Չագալներն ու ջայլամները պիտի փառաւորեն, Վասն զի իմ ժողովուրդիս, իմ ընտրեալներուս, խմցնելու համար, Անապատի մէջ ջուրեր Եւ անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի տամ։ Եւ այս ժողովուրդը ինծի համար ստեղծեցի, Անոնք իմ գովութիւնս պիտի պատմեն։ «Բայց դուն ինծի չկանչեցիր, ո՛վ Յակոբ. Հապա ինծմէ ձանձրացար, ո՛վ Իսրայէլ։ Քու ողջակէզներուդ ոչխարները ինծի չբերիր Եւ քու զոհերովդ զիս չփառաւորեցիր. Ընծայի համար քեզ չաշխատցուցի, Կնդրուկի համար քեզ չյոգնեցուցի։ Ինծի համար ստակով խունկեղէգը ծախու չառիր, Քու զոհերուդ ճարպովը զիս չկշտացուցիր, Հապա քու մեղքերովդ զիս նեղեցիր, Քու անօրէնութիւններովդ զիս յոգնեցուցիր»։ «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ Ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։ Միտքս ձգէ՛, մէկտեղ դատի ելլենք. Դուն խօսիր, որպէս զի արդարանաս։ Քու նախահայրդ մեղք գործեց Եւ քու ուսուցիչներդ ինծմէ ապստամբեցան։ Ուստի ես ալ սրբարանին իշխանները պիղծ սեպեցի Եւ Յակոբը՝ նզովքի Ու Իսրայէլը նախատինքի մատնեցի»։ «Հիմա մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ Ու դուն, ո՛վ իմ ընտրած Իսրայէլս։ Քեզ ստեղծող եւ արգանդի մէջ ձեւակերպող Ու քեզի օգնութիւն ընող Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ Եւ դուն, ո՛վ իմ ընտրած Իսրայէլս, մի՛ վախնար. Քանզի ծարաւին վրայ ջուր պիտի թափեմ Անջուր երկրին վրայ՝ հեղեղներ։ Քու սերունդիդ վրայ իմ Հոգիս պիտի թափեմ Եւ քու որդիներուդ վրայ՝ իմ օրհնութիւնս։ Անոնք իբր թէ ՝ խոտերու պէս, Ջուրի վտակներու քով եղող ուռիներու պէս պիտի բուսնին։ Մէկը պիտի ըսէ թէ ‘Ես Տէրոջն եմ’. Մէկն ալ Յակոբին անունովը պիտի կանչուի, Միւսն ալ իր ձեռքովը պիտի գրէ թէ ‘Ես Տէրոջն եմ’ Ու Իսրայէլին անունովը պիտի մականուանուի»։ Տէրը՝ Իսրայէլի Թագաւորը Եւ զօրքերու Տէրը, անոր Փրկիչը, այսպէս կ’ըսէ. «Ե՛ս եմ առաջինը ու ե՛ս եմ վերջինը, Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։ Հին ժողովուրդը հաստատելէս ի վեր Ո՞վ կրցաւ ինծի ձայն տալ ու պատմել, Ասիկա ինծի համար կարգի դնել. Թող ըսեն գալու եւ ըլլալու բաները։ Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք. Միթէ ես ձեզի այն ատենէն չգիտցուցի՞ ու չյայտարարեցի՞ Թէ իմ վկաներս դուք էք։ Ինծմէ զատ Աստուած կա՞յ. Յիրաւի ուրիշ Վէմ չկայ. ուրիշ մը չեմ գիտեր»։ Բոլոր կուռք շինողներն ալ ունայնութիւն են, Անոնց ընտիր գործերը օգուտ մը չեն ըներ, Իրենք իրենց դէմ վկաներ են. Չեն տեսներ ու չեն իմանար, որ ամչնան։ Բայց ո՞վ է անիկա որ աստուած կը շինէ, Կուռք կը ձուլէ, որ օգուտ մը չ’ըներ։ Ահա անոր բոլոր ընկերները պիտի ամչնան, Վասն զի արուեստագէտները՝ իրենք մարդ են. Թող անոնք ամէնքը հաւաքուին ու կայնին։ Պիտի վախնան ու մէկտեղ պիտի ամչնան։ Երկաթագործը ածուխի վրայ կը շինէ տապարը, Կռաններով անոր ձեւ կու տայ, Զանիկա իր զօրաւոր բազուկովը կը շինէ։ Երբ անօթենայ, ուժէ կը կտրի. Երբ ջուր չխմէ, կը մարի։ Հիւսնը լար կը քաշէ եւ մատիտով կուռքը կը գծագրէ, Զանիկա քանդակագործի գրիչով կը քանդակէ, Անոր վրայ կարկինով կը գծէ, Զանիկա մարդու կերպարանքով Եւ մարդկային գեղեցկութիւնով կը շինէ, Որպէս զի տան մէջ դրուի։ Անիկա իրեն եղեւիններ կը կտրէ Եւ թեղօշ ու կաղնի կ’առնէ, Զանոնք անտառի ծառերէն կ’ընտրէ։ Սոճի կը տնկէ եւ անձրեւը զանիկա կը մեծցնէ։ Անոնք մարդուն վառելիք կ’ըլլան. Անոնցմէ կ’առնէ, որպէս զի կրակ վառէ ու տաքնայ. Անոնց մէկ մասը կ’այրէ ու հաց կ’եփէ, Նաեւ աստուած մը կը շինէ եւ անոր երկրպագութիւն կ’ընէ։ Անկէ կուռք կը շինէ ու կը պաշտէ։ Անոր կէսը կրակի մէջ կը վառէ, Կէսին վրայ հաց ու Խորոված կ’եփէ ու կը կշտանայ, Կը տաքնայ ու կ’ըսէ. «Ահա տաքցայ, կրակը տեսայ»։ Անոր մնացածով աստուած՝ այսինքն կուռք կը շինէ իրեն, Զանիկա կը պաշտէ ու անոր երկրպագութիւն կ’ընէ, Անոր աղօթք կ’ընէ ու կ’ըսէ. «Զիս ազատէ՛, քանզի իմ աստուածս դո՛ւն ես»։ Չեն գիտեր ու չեն հասկնար, Քանզի անոնց աչքերը՝ տեսնելէ Եւ անոնց սրտերը հասկնալէ դադրեցան։ Ոեւէ մէկը միտքը չի բերեր Եւ գիտութիւն ու հանճար չունի, որ ըսէ. «Ասոր կէսը կրակի մէջ վառեցի, Անոր կայծերուն վրայ հաց ալ եփեցի. Միս խորովեցի ու կերայ Եւ մնացածն ալ պիղծ բա՞ն շինեմ, Ծառի կո՞ճղ պաշտեմ»։ Անիկա մոխիրով կը սնանի, Անոր խաբուած սիրտը զինք կը մոլորեցնէ Եւ իր հոգին չի կրնար փրկել ու չի հարցներ. «Իմ աջ ձեռքիս մէջ ստութիւն չկա՞յ»։ Ասոնք միտքդ բեր, ո՛վ Յակոբ Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլ, քանզի իմ ծառաս ես. Ես ստեղծեցի քեզ, դուն իմ ծառաս ես։ Ո՛վ Իսրայէլ, քեզ պիտի չմոռնամ՝ ՝։ Քու յանցանքներդ՝ մէգի պէս Ու քու մեղքերդ ամպի պէս ջնջեցի։ Ինծի՛ դարձիր, քանզի քեզ փրկեցի։ Ուրա՛խ եղէք, ո՛վ երկինք, քանզի Տէրը ըրաւ ասիկա ։ Ո՛վ երկրի վարի կողմեր, ցնծութեամբ աղաղակեցէք. Լեռնե՛ր, անտա՛ռ ու անոր մէջ եղող բոլո՛ր ծառեր, Ուրախութեան ձայներ հանեցէ՛ք, Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը Եւ Իսրայէլի մէջ փառաւորուեցաւ։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, քու Փրկիչդ Ու քեզ արգանդի մէջ Ստեղծողը. «Ե՛ս եմ Տէրը, որ բոլոր բաները ըրի։ Երկինքը միայն ե՛ս տարածեցի Ու երկիրը իմ ուժովս հաստատեցի։ Ստախօսներուն նշանները պարապը կը հանեմ Եւ գուշակողները կը յիմարացնեմ, Իմաստունները ե՛տ կը դարձնեմ Ու անոնց գիտութիւնը յիմարութեան կը փոխեմ։ Իմ ծառայիս խօսքը կը հաստատեմ Եւ դեսպաններուս խորհուրդը կը կատարեմ։ Ե՛ս եմ, որ Երուսաղէմի համար կ’ըսեմ, թէ ‘Պիտի բնակուի’ Ու Յուդայի քաղաքներուն համար՝ թէ ‘Պիտի շինուին Ու անոր աւերակները պիտի վերաշինեմ’։ Անդունդին կ’ըսեմ թէ ‘Չորցի՛ր Ու քու գետերդ պիտի ցամքեցնեմ’։ Եւ Կիւրոսին համար կ’ըսեմ ‘Իմ հովիւս է Ու իմ ամէն կամքս պիտի կատարէ’։ Ու Երուսաղէմին կ’ըսեմ թէ ‘Պիտի շինուիս’ Եւ տաճարին՝ թէ ‘Քու հիմերդ պիտի ձգուին’»։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ իր օծեալ Կիւրոսին, Որուն աջ ձեռքը բռնեցի, Որպէս զի ազգերը անոր առջեւ հնազանդեցնեմ, Թագաւորներուն մէջքը թուլցնեմ, Անոր առջեւ դռներուն փեղկերը բացուին, Դռները բնաւ չգոցուին։ Ես քու առջեւէդ պիտի երթամ, Խորտուբորտ տեղերը պիտի շտկեմ, Պղնձէ դռները պիտի փշրեմ, Երկաթէ նիգերը պիտի կոտրտեմ Եւ խաւարի մէջ ծածկուած գանձերը Ու պահուած հարստութիւնները քեզի պիտի տամ, Որպէս զի գիտնաս թէ ե՛ս եմ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ որ քեզ անունովդ կը կանչեմ։ Իմ Յակոբ ծառայիս համար Եւ իմ ընտրած Իսրայէլիս համար Քեզ քու անունովդ կանչեցի։ Քեզի մականուն դրի՝ թէեւ զիս չէիր ճանչնար։ Ես եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ, Ինծմէ զատ Աստուած չկայ։ Ես քեզի գօտի կապեցի, թէեւ զիս չէիր ճանչնար, Որպէս զի արեւելքէն ու արեւմուտքէն գիտնան Թէ ինծմէ զատ մէ՛կը չկայ։ Ե՛ս եմ Տէրը եւ ուրիշ մը չկայ։ Լոյսը հաստատողը եւ խաւարը ստեղծողը, Խաղաղութիւն ընողն ու չարիքը ստեղծողը, Այս բոլոր բաները ընողը ես Տէրս եմ։ «Ո՛վ երկինքներ, վերէն ցօղ կաթեցուցէ՛ք Եւ ամպերը արդարութիւն թող տեղան։ Երկիրը թող բացուի ու փրկութեան պտուղ թող տայ Ու մէկտեղ արդարութիւն թող բուսնի։ Ասոնք ստեղծողը ես՝ Տէրս եմ։ Վա՜յ անոր որ իր Արարիչին հետ կը վիճի, Թէեւ ինք երկրի խեցիներուն պէս խեցի մըն է՝ ՝. Միթէ կաւը զինք ձեւացնողին կրնա՞յ ըսել թէ ‘Ի՞նչ կը շինես’, Կամ քու գործդ կրնա՞յ քեզի ըսել թէ ‘Ձեռք չունիս’։ Վա՜յ անոր որ իր հօրը կ’ըսէ. ‘Ի՞նչ կը ծնանիս’ Ու իր մօրը՝ ‘Ի՞նչ զաւակ կը բերես’»։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Սուրբը ու անոր Արարիչը. «Գալու բաներուն վրայով ինծի հարցուցէ՛ք, Իմ որդիներուս համար ու իմ ձեռքերուս գործերուն համար, Ինծի պատուէր տուէ՛ք։ Երկիրը ես շինեցի Ու անոր վրայ մարդը ստեղծեցի։ Երկինքը իմ ձեռքերս տարածեցին Եւ անոր բոլոր զօրքին ես պատուէր տուի։ Ես զանիկա արդարութեամբ արթնցուցի Ու անոր բոլոր ճամբաները պիտի շտկեմ։ Անիկա իմ քաղաքս պիտի շինէ Եւ իմ աքսորուածներս ետ պիտի դարձնէ Առանց հատուցումի ու առանց վարձատրութեան». Կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եգիպտոսի վաստակը, Եթովպիացիներու եւ երկայնահասակ Սաբայեցիներու վաճառականութիւնը Քեզի պիտի անցնին ու քուկդ պիտի ըլլան։ Անոնք քու ետեւէդ պիտի քալեն Եւ շղթաներով պիտի պտըտին Ու քեզի երկրպագութիւն ընելով՝ Քեզի պիտի աղաչեն ու ըսեն. ‘Միայն քու մէ՛ջդ Աստուած կայ Ու անկէ զատ ուրիշ Աստուած մը չկայ’»։ Յիրաւի դուն քեզ ծածկող Աստուած մըն ես, Ո՛վ Իսրայէլի փրկիչ Աստուածը։ Անոնք ամէնքը պիտի ամչնան ու պատկառին, Կուռք շինողները մէկտեղ ամօթով պիտի երթան։ Իսրայէլ յաւիտենական փրկութիւնով Տէրոջմէն պիտի փրկուի։ Դուք յաւիտեանս յաւիտենից պիտի չամչնաք ու պիտի չպատկառիք։ Քանզի այսպէս կ’ըսէ երկինքը ստեղծող Տէրը, Այն Աստուածը, որ երկիրը կազմեց, Զանիկա շինեց եւ հաստատեց, Զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, Հապա բնակութեան համար կազմեց։ «Տէրը ե՛ս եմ ու ինծմէ ուրիշը չկայ։ Ես ծածկաբար երկրի մութ տեղը չխօսեցայ, Յակոբի սերունդին չըսի թէ ‘Քաոսի մէջ զիս փնտռեցէք’. Ես՝ Տէրս՝ արդարութիւն կը խօսիմ Եւ ճշմարիտ բաներ կը յայտնեմ։ Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք, Մէկտեղ մօտեցէ՛ք դուք, ո՛վ ազգերէն ազատուածներ։ Անոնք գիտութիւն չունին, որ իրենց փայտէ կուռքեր կը կանգնեցնեն Ու փրկելու կարողութիւն չունեցող աստուծոյ աղօթք կ’ընեն։ Քարոզեցէ՛ք ու զանոնք մօտեցուցէ՛ք Եւ անոնք մէկտեղ խորհուրդ թող ընեն։ Ո՞վ գիտցուց ասիկա սկիզբէն, Այն ժամանակէն ի վեր ո՞վ պատմեց. Չէ՞ որ ե՛ս՝ Տէ՛րս։ Ինծմէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, Ինծմէ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած ու Փրկիչ չկայ։ Ո՛վ երկրի բոլոր ծայրեր, ինծի՛ նայեցէք, որպէս զի փրկուիք. Քանզի ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը չկայ։ Իմ անձիս վրայ երդում ըրի, Իմ բերնէս արդարութեան խօսք ելաւ ու ետ չի դառնար, ‘Թէ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի Եւ ամէն լեզու երդում պիտի ընէ’։ Մէկը պիտի ըսէ. ‘Միայն Տէրոջմով արդարութիւն ու զօրութիւն ունիմ’. Ամէն մէկը անոր պիտի գայ Եւ անոր դէմ բոլոր բարկացողները պիտի ամչնան։ Իսրայէլի բոլոր սերունդը Տէրոջմով պիտի արդարանայ ու պիտի պարծենայ»։ Բէլ խոնարհեցաւ, Նաբաւ ծռեցաւ, Անոնց կուռքերը կենդանիներու ու անասուններու վրայ էին։ Ձեր բեռցուցած բեռները Յոգնած անասունին ծանրութիւն եղան։ Անոնք ծռեցան ու մէկտեղ խոնարհեցան, Չկրցան բեռը ազատել Եւ իրենք ալ գերութեան գացին։ «Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն Ու Իսրայէլի տանը բոլոր մնացորդը, Որ ձեզ որովայնէ կը կրեմ եւ արգանդէ կը վերցնեմ. Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ, Մինչեւ ձեր ալեւորութիւնը ես ձեզ պիտի կրեմ. Ե՛ս ստեղծեցի ու ե՛ս պիտի վերցնեմ, Ե՛ս պիտի կրեմ ու պիտի ազատեմ։ Զիս որո՞ւ կը նմանցնէք եւ որո՞ւ հաւասար կը սեպէք, Զիս որո՞ւ հետ կը բաղդատէք, որ նման ըլլանք։ Քսակէն ոսկի կը թափէն ու կշիռքով արծաթ կը կշռեն, Վարձքով ոսկերիչ կը բռնեն, որ անով աստուած շինէ։ Զանիկա կը պաշտեն եւ անոր երկրպագութիւն կ’ընեն։ Զանիկա ուսերու վրայ կը վերցնեն, կը տանին, Իր տեղը կը հաստատեն ու կը կենայ։ Անիկա իր տեղէն չի շարժիր Եւ եթէ մէկը անոր աղաղակէ, պատասխան չի տար, Զանիկա իր նեղութենէն չ’ազատեր։ «Ասիկա յիշեցէք ու մա՛րդ եղէք, Մտքերնիդ բերէ՛ք, ո՛վ յանցաւորներ։ Սկիզբէն եղած բաները յիշեցէ՛ք. Քանզի ես եմ Աստուած եւ ինծմէ ուրիշը՝ չկայ. Ե՛ս եմ Աստուած եւ ինծի պէս մէ՛կը չկայ, Որ վերջինը՝ սկիզբէն Ու դեռ չեղածը առաջուընէ պատմեցի Ու կ’ըսեմ թէ ‘Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի Եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի’։ Ես եմ որ արեւելքէն գիշատիչ թռչունը կը կանչեմ Ու հեռու երկրէ՝ իմ խորհուրդս գործադրելու մարդը։ Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ ։ «Ո՛վ արդարութենէ հեռացած խստասիրտներ, Ինծի՛ մտիկ ըրէք. Իմ արդարութիւնս մօտեցուցի, Անիկա պիտի չհեռանայ։ Իմ փրկութիւնս պիտի չուշանայ. Սիօնի մէջ փրկութիւն պիտի դնեմ Ու իմ փառքս՝ Իսրայէլին համար»։ Ո՛վ Բաբելոնի կոյս աղջիկ, Իջի՛ր ու հողի վրայ նստէ. Ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ, Գետնի վրայ առանց աթոռի նստէ, Քանզի անգամ մըն ալ քնքուշ ու փափուկ պիտի չկոչուիս։ Աղօրիքին քարերը ա՛ռ, ալի՛ւր աղա. Լաչակդ հանէ՛, քղանցքդ վերցո՛ւր. Սրունքդ բա՛ց, գետերէն անցի՛ր։ Թող քու մերկութիւնդ բացուի Եւ նախատինքդ ալ երեւնայ։ Քեզմէ վրէժ պիտի առնեմ Ու ոեւէ մէկուն միջնորդութիւնը պիտի չընդունիմ։ (Մեր Փրկչին անունը Եհովա Սաբաւովթ՝ ՝ է. Անիկա Իսրայէլին Սուրբն է)։ Լո՛ւռ նստէ՛, խաւարի մէ՛ջ մտի՛ր, ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ, Քանզի անգամ մըն ալ թագաւորութիւններու տիկին պիտի չկոչուիս։ Ես իմ ժողովուրդիս բարկացայ, Իմ ժառանգութիւնս պղծեցի, Զանոնք քու ձեռքդ տուի. Դուն անոնց գթութիւն չցուցուցիր, Ծերին վրայ քու լուծդ խիստ ծանրացուցիր Եւ ըսիր. «Ես յաւիտեան տիկին պիտի մնամ»։ Այնպէս որ ասիկա մտքիդ մէջ չդրիր, Ասոր վախճանը չյիշեցիր։ Հիմա մտի՛կ ըրէ, Ո՛վ անհոգութեամբ նստող հեշտասէր, Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես. «Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ։ Որպէս որբեւարի պիտի չնստիմ Եւ զաւակ պիտի չկորսնցնեմ»։ Հիմա ասոնց երկուքն ալ՝ Անզաւակութիւն եւ որբեւարութիւն՝ Յանկարծ՝ մէկ օրուան մէջ քու վրադ պիտի գան։ Քու դիւթանքներուդ շատութեանը մէջ Եւ քու անթիւ կախարդութիւններուդ մէջ Անոնք ամբողջ քու վրադ պիտի գան։ Դուն քու չարութեանդ ապաւինեցար Ու ըսիր. «Զիս տեսնող չկայ»։ Քեզ գլխէ հանողը քու իմաստութիւնդ ու գիտութիւնդ են։ Սրտիդ մէջ ըսիր. «Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ»։ Անոր համար քու վրադ ձախորդութիւն մը պիտի գայ, Որուն ուրկէ ծագիլը պիտի չգիտնաս։ Քու վրադ թշուառութիւն մը պիտի իյնայ, Որը ետ դարձնելու կարող պիտի չըլլաս։ Քու վրադ յանկարծ աւերում մը պիտի գայ, Բայց դուն պիտի չգիտնաս։ Հիմա քու կախարդութիւններուդ եւ շատ դիւթանքներուդ մէջ կեցիր, Որոնցմով քու մանկութենէդ ի վեր աշխատեր ես, Թերեւս օգուտ մը գտնելու կարող ըլլաս, Թերեւս կարենաս յաղթել։ Խորհուրդներուդ շատութենէն ձանձրացար։ Հիմա երկինքը զննողները, աստղագէտները, Նոր ամիսներով գուշակութիւն ընողները թող ելլեն Եւ քու վրադ գալիք չարիք էն քեզ ազատեն։ Ահա անոնք մղեղի պէս պիտի ըլլան Ու զանոնք կրակը պիտի այրէ։ Իրենց հոգին բոցին զօրութենէն պիտի չկրնան ազատել։ Տաքնալու համար կայծ մը, Կամ դիմացը նստելու համար կրակ պիտի չմնայ։ Այսպէս պիտի ըլլան քեզի անոնք, որոնց հետ աշխատեցար Ու մանկութենէդ ի վեր առուտուր ըրիր։ Ամէն մէկը իր ճամբան երթալով ՝ ցիրուցան պիտի ըլլան Ու քեզ ազատող մը պիտի չըլլայ։ Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ Յակոբի տուն, Որ Իսրայէլի անունովը կանչուած էք Ու Յուդայի աղբիւրէն ելեր էք Եւ Տէրոջը անունովը երդում կ’ընէք Ու Իսրայէլի Աստուածը կը յիշէք, Բայց ճշմարտութեամբ չէ ու արդարութեամբ չէ։ (Քանզի անոնք Սուրբ քաղաքին անունովը կը յիշուին Եւ Իսրայէլին Աստուծոյն կը կռթնին, Որուն անունը Եհովա Սաբաւովթ է)։ Առաջուան բաները կանուխէն պատմեցի։ Անոնք իմ բերնէս ելան եւ զանոնք իմացուցի. Զանոնք յանկարծ ըրի ու եղան։ Որովհետեւ գիտէի թէ դուն խիստ ես Եւ քու պարանոցդ երկաթէ ջիղեր ունի Ու պղնձէ ճակատ մը ունիս։ Քեզի կանուխէն պատմեցի Ու դեռ չեղած քեզի իմացուցի, Որ չըլլայ թէ ըսես. «Զանոնք իմ արձանս ըրաւ Եւ իմ քանդակած ու ձուլածոյ կուռքս հրամայեց»։ «Դուն զանոնք լսեցիր, նայէ, անոնց ամէնքը կատարուեցան Ու դուն զանիկա պիտի չհրապարակե՞ս. Ես քեզի ասկէ ետքը նոր ու ծածուկ բաներ պիտի գիտցնեմ, Որոնք դուն չգիտցար։ Անոնք հիմա՛ ստեղծուեցան եւ ո՛չ թէ առաջուընէ։ Ասկէ առաջ զանոնք չլսեցիր, Որ չըլլայ թէ ըսես. ‘Ահա զանոնք գիտցայ’։ Դուն ո՛չ լսեցիր, ո՛չ ալ գիտցար։ Սկիզբէն քու ականջդ չբացուեցաւ. Վասն զի գիտցայ թէ դուն խիստ նենգաւոր ես։ Դուն որովայնէն ապստամբ կոչուեցար։ Եւ իմ անուանս համար բարկութիւնս պիտի յետաձգեմ Եւ իմ փառքիս համար պիտի համբերեմ քեզի, Որպէս զի քեզ չկորսնցնեմ։ Ահա քեզ մաքրեցի, բայց ոչ թէ արծաթի պէս՝ ՝։ Քեզ նեղութեան հալոցին մէջ փորձեցի։ Ասիկա ինծի՛ համար, ինծի՛ համար պիտի ընեմ։ Ինչո՞ւ իմ անունս պղծուի։ Ես իմ փառքս ուրիշի չեմ տար։ Ո՛վ Յակոբ ու իմ կանչած Իսրայէլս, ինծի՛ մտիկ ըրէք. Ես նոյնն եմ։ Առաջինը ե՛ս եմ, վերջի՛նն ալ ես եմ։ Իմ ձեռքս երկիրն ալ հիմնեց Ու իմ աջ ձեռքս տարածեց երկինքը։ Երբ ես զանոնք կանչեմ, Անոնք մէկտեղ իմ առջեւս պիտի կենան։ Ամէնքդ հաւաքուեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք։ Անոնցմէ ո՞վ պատմեց այս բաները։ Տէրոջը սիրածը Բաբելոնի մէջ անոր կամքը պիտի գործադրէ Եւ իր բազուկը Քաղդէացիներուն վրայ պիտի երկնցնէ ։ Ե՛ս, ե՛ս խօսեցայ ու զանիկա կանչեցի։ Զանիկա բերի եւ անոր ճամբան պիտի յաջողի։ Ինծի՛ մօտեցէք, ասիկա՛ լսեցէք. Առաջուընէ ծածուկ չխօսեցայ։ Այս բաներուն եղած ժամանակէն ի վեր ես հոն եմ»։ Ու զիս Տէր Եհովան՝ անոր Հոգին ղրկեց։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Քու Փրկիչդ, Իսրայէլի Սուրբը. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, Որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, Քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ՛առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս Ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար. Քու սերունդդ՝ աւազի չափ Ու որովայնիդ ծնունդը անոր խիճին չափ պիտի ըլլար։ Անոր անունը իմ առջեւէս պիտի չկտրուէր ու չկորսուէր»։ Բաբելոնէն ելէ՛ք, Քաղդէացիներէն փախէ՛ք. Ասիկա յաղթութեան երգով պատմեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք. Ասիկա մինչեւ երկրի ծայրը տարածեցէ՛ք, Ըսելով. «Տէրը իր Յակոբ ծառան փրկեց»։ Երբ զանոնք անապատներու մէջ պտըտցուց, չծարաւցան. Անոնց համար վէմէն ջուրեր վազցուց, Վէմը պատռեց ու անկէ ջուրեր բղխեցան։ «Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ’ըսէ Տէրը։ Ո՛վ կղզիներ, ինծի մտի՛կ ըրէք, Ո՛վ ժողովուրդներ, հեռուէն ակա՛նջ տուէք. Տէրը զիս արգանդէն կանչեց, Իմ անունս մօրս որովայնէն յիշեց Եւ իմ բերանս սրած թուրի պէս ըրաւ։ Զիս իր ձեռքին հովանիին տակ ծածկեց, Զիս փայլուն նետի պէս ըրաւ։ Իր կապարճին մէջ պահեց զիս Եւ ինծի ըսաւ. «Դուն իմ ծառաս ես, Ո՛վ Իսրայէլ, քեզմով պիտի փառաւորուիմ»։ Ու ես ըսի. «Պարապ տեղը աշխատեցայ Եւ իմ զօրութիւնս ոչինչ ու դատարկ տեղը գործածեցի. Բայց իմ իրաւունքս Տէրոջը առջեւն է Եւ իմ գործս իմ Աստուծոյս քովն է»։ Հիմա այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Որ զիս որովայնէն իրեն ծառայ ըլլալու համար ստեղծեց, Որ Յակոբը անոր դարձնեմ Եւ Իսրայէլ անոր քով հաւաքուի, Որ Տէրոջը առջեւ փառաւորուիմ Եւ իմ Աստուածս ինծի զօրութիւն ըլլայ. Այսպէս կ’ըսէ. «Յակոբին ցեղերը նորէն հաստատելու համար Եւ Իսրայէլին ազատուածները դարձնելու համար, Իմ ծառաս ըլլալդ քեզի քիչ է։ Ահա քեզ ազգերուն լոյս պիտի ընեմ, Որպէս զի մինչեւ երկրին ծայրը իմ փրկութիւնս ըլլաս»։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը՝ Իսրայէլի Փրկիչը, անոր Սուրբը, Անարգուած անձին, ազգերու ատելի եղողին, իշխաններու ծառային. «Թագաւորները պիտի տեսնեն ու ոտքի պիտի ելլեն. Իշխաններն ալ երկրպագութիւն պիտի ընեն Տէրոջը համար, որ հաւատարիմ է, Իսրայէլի Սուրբին համար, որ քեզ ընտրեր է»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ընդունելի ժամանակի մը մէջ քեզի լսեցի, Փրկութեան օրը քեզի օգնութիւն ըրի, Քեզ պահեցի եւ ժողովուրդին նախապէս ուխտ ըրի, Որպէս զի երկիրը հաստատես, Աւերուած ժառանգութիւնները՝ բաժնես Եւ կապուածներուն ըսես՝ «Ելէ՛ք» Ու խաւարի մէջ եղողներուն՝ «Յայտնուեցէ՛ք»։ Անոնք ճամբաներու վրայ պիտի արածին Եւ անոնց արօտը բոլոր բլուրներուն վրայ պիտի ըլլայ։ Անոնք պիտի չանօթենան ու չծարաւին, Խորշակը կամ արեւը պիտի չզարնէ անոնց, Քանզի անոնց ողորմութիւն ընողը պիտի առաջնորդէ անոնց Ու ջուրի աղբերակներու քով պիտի տանի զանոնք։ Բոլոր լեռներս ճամբայ պիտի ընեմ Ու իմ պողոտաներս պիտի բացուին։ Ահա ոմանք՝ հեռուէն, Ոմանք՝ հիւսիսէն ու արեւմուտքէն Եւ ոմանք Սինէացիներու երկրէն պիտի գան»։ Ո՛վ երկինք, ուրա՛խ եղէք ու ո՛վ երկիր, ցնծութի՛ւն ըրէ, Ո՛վ լեռներ, ուրախութեան ձայնով աղաղակեցէ՛ք, Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին մխիթարութիւն տուաւ Ու իր տնակներուն ողորմեցաւ։ Բայց Սիօն ըսաւ. «Եհովան զիս թողուց Ու Տէրը զիս մոռցաւ»։ Միթէ կինը իր կաթնկեր մանուկը կրնա՞յ մոռնալ, Այնպէս որ իր որովայնին ծննդեանը վրայ չի գթայ։ Թէեւ անոնք մոռնան, Բայց ես քեզ պիտի չմոռնամ։ Ահա ես քեզ ին ձեռքերուս մէջ դրոշմեցի, Քու պարիսպներդ միշտ իմ առջեւս են։ Քեզ շինողները պիտի գան Եւ քեզ փլցնողները եւ աւերողները պիտի մեկնին։ Աչքերդ վերցուր ու բոլորտիքդ նայէ՛. Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Տէրը կ’ըսէ. «Որչափ ատեն որ ես կենդանի եմ, Անշուշտ անոնք բոլորը զարդերու պէս պիտի հագնիս Եւ անոնցմով հարսի պէս պիտի զարդարուիս։ Քանզի քու աւերակներդ, ամայի տեղերդ Ու քու կործանուած երկիրդ Հիմա իր բնակիչներուն նեղ պիտի գայ Եւ քեզ կլլողները պիտի հեռանան։ Քու ամլութենէդ յետոյ ծնանելու որդիներդ Քու ականջներուդ պիտի ըսեն. «Այս տեղը ինծի նեղ է, Տե՛ղ տուր ինծի, որ բնակիմ»։ Ու դուն սրտիդ մէջ պիտի ըսես. «Ասոնք ինծի ո՞վ ծնաւ. Ես անզաւակ ու ամուլ էի, Ես գերի ու աքսորուած էի, Ասոնք ո՞վ մեծցուց։ Ահա ես մինակ մնացեր էի, Ասոնք ո՞ւր էին»։ Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան. «Ահա իմ ձեռքս ազգերու վրայ պիտի վերցնեմ, Իմ դրօշակս ժողովուրդներու մէջ պիտի կանգնեցնեմ. Անոնք քու տղաքներդ իրենց գրկին մէջ պիտի կրեն, Քու աղջիկներդ անոնց ուսերուն վրայ պիտի վերցուին։ Թագաւորները քու խնամակալներդ պիտի ըլլան, Անոնց թագուհիները՝ քու դայեակներդ։ Երեսնին գետինը ծռելով ՝ քեզի երկրպագութիւն պիտի ընեն, Ոտքերուդ փոշին պիտի լզեն Եւ պիտի գիտնաս, թէ ե՛ս եմ Տէրը։ Ինծի ապաւինողները պիտի չամչնան»։ Միթէ հզօրէն աւարը կ’առնուի՞, Կամ ահարկու մարդուն գերի առածը կ’ազատուի՞։ Բայց Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հզօրին գերի առածն անգամ պիտի առնուի Ու բռնաւոր մարդուն աւարը պիտի ազատուի Ու քեզի հետ վիճողներուն դէմ ես պիտի վիճիմ Եւ քու տղաքներդ ե՛ս պիտի ազատեմ։ Քեզ հարստահարողներուն իրենց մարմինները պիտի կերցնեմ, Իրենց արիւնը նոր գինիի պէս խմելով ՝ պիտի գինովնան։ Ամէն մարմին պիտի գիտնայ Թէ ե՛ս եմ Տէրը, որ քեզ ազատեցի Ու քու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ո՞ւր է ձեր մօրը ապահարզանի թուղթը, Որով ես զանիկա արձակեցի. Կամ ո՞վ է այն պարտատէրս, Որուն ես ձեզ ծախեցի։ Ահա դուք ձեր անօրէնութիւններուն համար ծախուեցաք Ու ձեր մայրը ձեր յանցանքներուն համար արձակուեցաւ։ Ինչո՞ւ համար իմ եկած ատենս մարդ մը չկար Ու կանչած ատենս պատասխան տուող մը չկար։ Միթէ իմ ձեռքս կարճըցա՞ւ, որ փրկելու կարող չըլլամ, Կամ թէ ազատելու զօրութիւն չունի՞մ։ Ահա ես սաստելով ծովը կը ցամքեցնեմ, Գետերը անապատի կը դարձնեմ, Անոնց ձուկերը ջուր չըլլալուն համար կը հոտին Ու ծարաւէն կը մեռնին։ Երկինքներուն խաւար կը հագցնեմ։ Ու ծածկոցի համար անոնց վրայ քուրձ կը դնեմ»։ Տէր Եհովան ինծի իմաստուններու լեզու տուաւ, Որպէս զի կարենամ խօսքով օգնել յոգնածին։ Ամէն առտու զիս կ’արթնցնէ, Անիկա իմ ականջս կը բանայ, Որպէս զի աշակերտներու պէս լսեմ։ Տէր Եհովան իմ ականջս բացաւ Ու ես անհնազանդ չեղայ, ետ չդարձայ։ Իմ կռնակս զարնողներուն Եւ այտերս փետտողներուն տուի. Իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի, Բայց Տէր Եհովան ինծի կ’օգնէ, Անոր համար ամօթապարտ պիտի չըլլամ, Անոր համար իմ երեսս գայլախազի պէս ըրի Ու գիտեմ թէ պիտի չամչնամ։ Զիս արդարացնողը մօտ է։ Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի։ Միասին մէջտեղը կենանք։ Իմ դատախազս ո՞վ է։ Թող ինծի մօտենայ։ Ահա Տէր Եհովան ինծի պիտի օգնէ։ Ո՞վ զիս յանցաւոր պիտի հանէ։ Ահա ամէնքը հանդերձի պէս պիտի մաշին, Ցեցը պիտի ուտէ զանոնք։ Ձեր մէջ Տէրոջմէն վախցող, Անոր ծառային ձայնին մտիկ ընող կա՞յ, Որ մութի մէջ կը քալէ ու բնաւ լոյս չունի։ Թող անիկա Տէրոջը անուանը ապաւինի Ու իր Աստուծոյն կռթնի։ Ահա դուք ամէնքդ, որ կրակ կը վառէք Ու կայծերով կը շրջապատուիք, Ձեր կրակին լոյսովը Ձեր վառած կայծերուն մէջ քալեցէք։ Ասիկա ձեզի իմ ձեռքովս պիտի ըլլայ, Դուք տրտմութեամբ պիտի պառկիք։ «Դո՛ւք, արդարութեան հետեւողներ, Տէրը փնտռողներ, ինծի մտի՛կ ըրէք. Այն վէմին նայեցէ՛ք, ուրկէ կոփուեցաք, Այն գուբին՝ ուրկէ հանուեցաք։ Ձեր հօրը Աբրահամին Ու ձեզ ծնանող Սառային նայեցէ՛ք. Քանզի երբ մէկ հատ էր, զանիկա կանչեցի Եւ զանիկա օրհնեցի ու բազմացուցի։ Վասն զի Տէրը Սիօնը պիտի մխիթարէ. Անոր բոլոր աւերակները պիտի մխիթարէ, Անոր անապատը՝ Եդեմի պէս, Անոր ամայութիւնը Տէրոջը դրախտին պէս պիտի ընէ։ Անոր մէջ ցնծութիւն եւ ուրախութիւն, Գովութեան եւ օրհնութեան ձայն պիտի գտնուի։ Ո՛վ իմ ժողովուրդս, ինծի մտի՛կ ըրէ, Ո՛վ իմ ազգս, ինծի ունկնդրէ. Քանզի ինծմէ օրէնք պիտի ելլէ, Իմ իրաւունքս ժողովուրդներուն լոյս ըլլալու համար պիտի հաստատեմ։ Իմ արդարութիւնս մօտ է, իմ փրկութիւնս ելած է։ Իմ բազուկներս ժողովուրդները պիտի դատեն. Կղզիները ինծի պիտի յուսան Եւ իմ բազուկիս պիտի ապաւինին։ Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք դէպի երկինքը, Վա՛ր նայեցէք դէպի երկիրը, Քանզի երկինք ծուխի պէս պիտի անցնի Ու երկիրը հանդերձի պէս պիտի մաշի։ Նմանապէս անոր բնակիչներն ալ պիտի մեռնին, Բայց իմ փրկութիւնս յաւիտենական պիտի ըլլայ Ու իմ արդարութիւնս պիտի չպակսի։ Ինծի՛ մտիկ ըրէք, ո՜վ արդարութիւն ճանչցողներ Եւ իմ օրէնքս ձեր սրտին մէջ պահող ժողովուրդ. Մարդոց նախատինքէն մի՛ վախնաք, Անոնց բամբասանքէն մի՛ զարհուրիք։ Վասն զի ցեցը պիտի ուտէ զանոնք հանդերձի պէս Եւ մեցը պիտի ուտէ զանոնք բուրդի պէս, Բայց իմ արդարութիւնս յաւիտեան պիտի մնայ Ու իմ փրկութիւնս ազգէ ազգ պիտի ըլլայ»։ Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ով Տէրոջը բազուկը, զօրութի՛ւն հագիր։ Արթնցի՛ր հին օրերուն պէս, Անցած դարերուն պէս։ Դուն անիկա չե՞ս, որ Ռահաբը ջարդեցիր Ու վիշապը վիրաւորեցիր։ Դուն անիկա չե՞ս, որ ծովը, Մեծ անդունդին ջուրերը, ցամքեցուցիր, Ծովուն խորունկ տեղերը ճամբայ բացիր, Որպէս զի փրկուածները անկէ անցնին։ Տէրոջը փրկածները պիտի դառնան Ու երգերով Սիօն պիտի գան։ Անոնց գլխուն վրայ յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ըլլայ։ Անոնք ցնծութիւն եւ ուրախութիւն պիտի ստանան, Տրտմութիւնն ու հեծութիւնը անոնցմէ պիտի հեռանան։ «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ։ Դուն ո՞վ ես, որ մահկանացու մարդէն Ու խոտի նմանող մարդու զաւկէն կը վախնաս։ Քեզ՝ ստեղծող, երկինքները տարածող Ու երկրին հիմերը դնող Տէրը կը մոռնաս Ու բռնաւորին սրտմտութենէն ամէն օր կը վախնաս, Իբր թէ քեզ կորսնցնելու պատրաստուած է. Բայց հիմա ո՞ւր է բռնաւորին սրտմտութիւնը. Կապուածը շուտով պիտի արձակուի, Գուբին մէջ պիտի չմեռնի, Իր հացը պիտի չպակսի, Քանզի քու Տէր Աստուածդ ե՛ս եմ, Որ ծովը կը յուզեմ, այնպէս որ ալիքները կը գոռան։ Իմ անունս Եհովա Սաբաւովթ է։ Իմ խօսքերս քու բերանդ դրի, Քեզ ձեռքիս հովանիովը ծածկեցի, Որպէս զի երկինքը հաստատեմ ու երկրին հիմերը դնեմ Եւ Սիօնին ըսեմ՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’։ Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր ու ելի՛ր, ո՛վ Երուսաղէմ, Որ Տէրոջը ձեռքէն անոր բարկութեանը բաժակը խմեցիր, Թմրութեան բաժակին մրուրը քամելով խմեցիր։ Անոր բոլոր ծնած որդիներէն՝ իրեն առաջնորդ չկայ Ու բոլոր մեծցուցած տղաքներէն՝ իրեն ձեռնտու չկայ։ Երկու բաներ քեզի պատահեցան, Ո՞վ քեզի պիտի ցաւակցի. Կործանում ու կոտորած, սով ու սուր։ Քեզ ինչո՞վ մխիթարեմ։ Քու տղաքդ նուաղած են, Փողոցներուն գլուխը կը պառկին Որոգայթի մէջ բռնուած յամոյրի պէս։ Անոնք Տէրոջը բարկութիւնովը, Քու Աստուծոյդ յանդիմանութիւնովը լեցուած են։ Ուրեմն մտի ըրէ՛, ո՛վ ողորմելի, Որ արբած ես, բայց ոչ գինիէն. Այսպէս կ’ըսէ քու Եհովա Տէրդ Եւ քու Աստուածդ, որ իր ժողովուրդին դատը կը պաշտպանէ. «Ահա քու ձեռքէդ՝ թմրութեան բաժակը, Իմ բարկութեանս բաժակին մրուրը առի. Զանիկա անգամ մըն ալ պիտի չխմես։ Զանիկա քեզ հարստահարողներուն ձեռքը պիտի տամ, Որոնք քու անձիդ կ’ըսէին՝ ‘Ծռէ՛, որպէս զի անցնինք’ Ու դուն կռնակդ՝ անցնողներուն համար՝ Գետնի պէս ու փողոցի պէս դրիր»։ Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, քու զօրութիւնդ հագիր, ո՛վ Սիօն. Քու փառաւոր հանդերձներդ հագիր, ո՛վ Երուսաղէմ սուրբ քաղաք. Քանզի անգամ մըն ալ անթլփատ ու պիղծ մէկը քու մէջդ պիտի չմտնէ։ Փոշին քեզմէ թօթուէ՛, Ել նստէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ. Քու պարանոցիդ կապերը քակէ՛ Ո՛վ Սիօնի գերի աղջիկ։ Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձրի ծախուեցաք Եւ առանց ստակի պիտի փրկուիք»։ Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս առաջ Եգիպտոս իջաւ, Որպէս զի հոն պանդխտանայ Ու Ասորեստանցիները առանց պատճառի ճնշեցին»։ «Հիմա հոս ի՞նչ ունիմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ իմ ժողովուրդս պարապ տեղ քշուեցաւ»։ «Անոր իշխողները կ’ողբան, կ’ըսէ Տէրը Ու ամէն օր իմ անուանս կը հայհոյեն»։ «Ասոր համար իմ ժողովուրդս պիտի գիտնայ իմ անունս. Ասոր համար այն օրուան մէջ պիտի գիտնայ, Թէ ես ա՛ն եմ, որ կը խօսէի։ Ահա ես եմ»։ Ի՜նչ գեղեցիկ են լեռներուն վրայ անոր ոտքերը, Որ աւետիս կը բերէ, խաղաղութիւն կը քարոզէ, Բարութեան աւետիս կը բերէ, փրկութիւն կը քարոզէ Ու Սիօնին կ’ըսէ՝ «Քու Աստուածդ կը թագաւորէ»։ Քու պահապաններդ ձայն պիտի բարձրացնեն, Ցնծութեան ձայնով միաբերան պիտի երգեն. Քանզի՝ երբ Տէրը Սիօնը ետ դարձնէ՝ Անոնք յայտնապէս պիտի տեսնեն։ Ո՛վ Երուսաղէմի աւերակներ, Ցնծութեան ձայնով մէկտեղ աղաղակեցէ՛ք, Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը մխիթարեց Ու Երուսաղէմը փրկեց։ Տէրը իր սուրբ բազուկը մերկացուց Բոլոր ազգերուն աչքերուն առջեւ Ու երկրին բոլոր ծայրերը Մեր Աստուծոյն փրկութիւնը պիտի տեսնեն։ Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ ելէ՛ք, Պիղծ բանի մի՛ դպչիք, Անոր մէջէն ելէ՛ք. Մաքուր եղէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը սպասները կրողներ։ Քանզի ո՛չ թէ արտորալով պիտի ելլէք Եւ ո՛չ թէ փախչելով պիտի երթաք, Հապա Տէրը ձեր առջեւէն պիտի երթայ, Իսրայէլին Աստուածը ձեզի թիկնապահ պիտի ըլլայ։ Ահա իմ ծառաս յաջողութիւն պիտի գտնէ Եւ պիտի մեծնայ ու պիտի բարձրանայ ու խիստ պիտի փառաւորուի։ Որքա՜ն շատեր անոր վրայ՝ ՝ ապշեցան, (Անոր երեսը մարդու երեսէն Ու կերպարանքը մարդու որդիներուն կերպարանքէն աւելի աւրուած ըլլալուն համար) Այնպէս շատ ազգեր պիտի զարմացնէ, Թագաւորները անոր առջեւ իրենց բերանը պիտի գոցեն, Վասն զի իրենց չպատմուածը պիտի տեսնեն Եւ իրենց չլսածը պիտի իմանան։ Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Տէրոջը բազուկը որո՞ւն յայտնուեցաւ։ Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս Եւ ծարաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ։ Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որպէս զի անոր նայէինք, Ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը, որպէս զի անկէ ախորժէինք։ Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ, Վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ։ Անկէ երես դարձնելու մարդու պէս եղաւ, Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք։ Իրաւցընէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ։ Մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք։ Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։ Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք։ Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ։ Տէրը մեր ամենուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ։ Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, Իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ Այնպէս իր բերանը չբացաւ։ Նեղութեամբ եւ դատապարտութեամբ՝ ՝ վերցուեցաւ Ու անոր ազգատոհմը ո՞վ պիտի յայտնէ, Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ, Անիկա իմ ժողովուրդիս յանցանքին համար զարնուեցաւ։ Անոր գերեզմանը ամբարիշտներուն հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ։ Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ։ Տէրը հաճեցաւ, որ ան ճզմուի եւ տագնապի հանդիպի, Երբ իր անձը մեղքի համար ողջակիզէ, Անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի։ Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ։ Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ, Քանզի անոնց անօրէնութիւնները ինք պիտի կրէ։ Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ անոր Եւ հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, Յանցաւորներու հետ սեպուեցաւ. Շատերու մեղքը վերցուց Ու յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ։ «Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. Ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, ցնծութեամբ գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛. Քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները Այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։ «Վրանիդ տեղը լայնցուր, Քու բնակարանիդ վարագոյրները թող տարածուին. Մի՛ խնայեր, չուաններդ երկնցուր ու ցիցերդ ամրացո՛ւր։ Քանզի աջ ու ձախ կողմը պիտի տարածուիս Եւ քու սերունդդ ազգեր պիտի ժառանգէ, Աւերուած քաղաքները բնակիչներով պիտի լեցնէ։ Մի՛ վախնար, վասն զի պիտի չամչնաս Ու մի՛ շփոթիր, վասն զի պիտի չնախատուիս, Քանզի քու մանկութեանդ նախատինքը պիտի մոռնաս Եւ քու որբեւարութեանդ մեղադրանքը անգամ մըն ալ պիտի չյիշես, Քանզի քու այրդ քու Ստեղծիչդ է, Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է Ու քու Փրկիչդ Իսրայէլի Սուրբն է, Անիկա երկրին Աստուածը պիտի կոչուի։ Տէրը քեզ՝ երեսէ ձգուած եւ հոգիով վշտացած կնոջ պէս Ու մերժուած նորահասակ հարսի պէս կանչեց», կ’ըսէ քու Աստուածդ։ «Փոքր վայրկեան մը քեզ թողուցի, Բայց մեծ ողորմութիւններով քեզ պիտի հաւաքեմ։ Քիչ մը՝ ՝ սրտմտութեամբ, մէկ վայրկեան երեսս քեզմէ ծածկեցի, Բայց յաւիտենական ողորմութիւնով քեզի պիտի ողորմիմ», Կ’ըսէ քու Փրկիչդ Եհովան։ «Քանզի ասիկա ինծի Նոյին ջուրերուն պէս է. Ինչպէս երդում ըրի թէ՝ Նոյին ջուրերը անգամ մըն ալ երկրի վրայ չանցնին, Նոյնպէս երդում ըրի, որ քեզի չբարկանամ ու քեզ չյանդիմանեմ։ Քանզի լեռները պիտի վերնան Եւ բլուրները պիտի սասանին, Բայց իմ ողորմութիւնս քեզմէ պիտի չվերնայ Ու իմ խաղաղութեանս ուխտը պիտի չսասանի», Կ’ըսէ Տէրը, որ քեզի կ’ողորմի։ «Ո՛վ փոթորիկէ զարնուած անմխիթար ողորմելի, Ահա ես քու քարերդ գոյնզգոյն պիտի ընեմ, Քեզ շափիւղաներով պիտի հիմնեմ. Քու մարտկոցներդ կարմիր յակինթներով՝ ՝, Դռներդ՝ կարկեհաններով, Բոլոր պարիսպներդ թանկագին քարերով պիտի շինեմ։ Քու բոլոր որդիներդ Տէրոջմէ պիտի սորվին Ու քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ։ Դուն արդարութեամբ պիտի հաստատուիս, Բռնութենէն հեռու պիտի ըլլաս, որպէս զի չվախնաս Ու արհաւիրքէն՝ որպէս զի քեզի չմօտենայ։ Ահա անշուշտ քեզի դէմ ժողով պիտի ընեն, բայց ինծմէ չէ. Ով որ քու վրադ ելլէ, քու պատճառովդ պիտի իյնայ։ Ե՛ս ստեղծեցի դարբինը, որ կրակը կ’արծարծէ Եւ իրեն համար պիտանի գործիքներ կը շինէ։ Ե՛ս ստեղծեցի կործանողը, որ կ’աւերէ։ Քեզի վնասող ոեւէ գործիք ամենեւին պիտի չյաջողի Եւ քու դէմ դատաստանի ելլող ամէն լեզու պիտի դատապարտուի։ Տէրոջը ծառաներուն ժառանգութիւնը ասիկա է Ու անոնց արդարութիւնը ինծմէ է», կ’ըսէ Տէրը։ «Ո՛վ ծարաւցածներ, ջուրերուն եկէ՛ք Եւ ստակ չունեցողնե՛ր, եկէ՛ք, ծախու առէ՛ք ու կերէ՛ք. Եկէ՛ք, առանց ստակի եւ ձրի Գինի ու կաթ ծախու առէք։ Ինչո՞ւ ձեր ստակը կը վատնէք ոչ թէ հացի համար Եւ ձեր վաստակը՝ այնպիսի բանի համար, որ չի կշտացներ. Ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ըրէ՛ք, որպէս զի բարիքներ ուտէք Ու ձեր հոգին պարարտութեամբ զուարճանայ։ Ձեր ականջը խոնարհեցուցէք ու ինծի եկէ՛ք. Մտիկ ըրէ՛ք ու ձեր հոգին պիտի ապրի։ Ձեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ, Դաւիթին մնայուն ողորմութիւնները ձեզի տալով ։ Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ, Ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի։ Ահա անծանօթ ազգը պիտի կանչես Եւ քեզ չճանչցող ազգերը քեզի պիտի դիմեն Քու Տէր Աստուծոյդ համար Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, Քանզի անիկա քեզ փառաւորեց։ Տէ՛րը փնտռեցէք, քանի որ անիկա կը գտնուի. Զանիկա՛ կանչեցէք, քանի որ անիկա մօտ է։ Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն Ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի Եւ Տէրոջը դառնայ ու անիկա պիտի ողորմի անոր Ու մեր Աստուծոյն՝ վասն զի անիկա առատապէս կը ներէ։ Քանզի ‘Իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն Ու իմ ճամբաներս ձեր ճամբաները չեն’, կ’ըսէ Տէրը։ Հապա որչափ երկինք երկրէն բարձր է, Այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են Եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն։ Վասն զի ինչպէս անձրեւն ու ձիւնը երկնքէն կ’իջնեն եւ հոն չեն դառնար, Հապա երկիրը կ’ոռոգեն ու զանիկա պտղաբեր եւ արգասաւոր կ’ընեն, Ցանողին՝ հունտ եւ ուտողին հաց կու տան, Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Ինծի պարապ պիտի չդառնայ, Հապա իմ կամքս պիտի կատարէ, Յաջողութեամբ գործադրէ այն բանը, որուն համար զանիկա ղրկեցի։ Քանզի ուրախութեամբ պիտի ելլէք Ու խաղաղութեամբ պիտի առաջնորդուիք։ Լեռներն ու բլուրները ձեր առջեւէն ցնծութեամբ պիտի աղաղակեն Եւ դաշտերուն բոլոր ծառերը ծափ պիտի զարնեն։ Թուփին տեղ մայրի Ու դժնիկին տեղ մրտենի պիտի բուսնի։ Ասիկա Տէրոջը անուանը փառքին համար Անջինջ ու յաւիտենական նշան մը պիտի ըլլայ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իրաւունքը պահեցէ՛ք ու արդարութիւն ըրէ՛ք, Քանզի իմ փրկութիւնս պիտի գայ Եւ արդարութիւնս պիտի յայտնուի։ Երանի՜ այն մարդուն, որ ասիկա կ’ընէ Ու մարդու որդիին, որ ասիկա ամուր կը բռնէ, Այսինքն շաբաթը կը պահէ ու զանիկա չի պղծեր Եւ իր ձեռքը անիրաւութիւն ընելէ ետ կը պահէ»։ Տէրոջը յարող օտարականին որդին թող չխօսի՝ ըսելով. «Տէրը զիս իր ժողովուրդէն բոլորովին զատեց»։ Ու ներքինին ալ թող չըսէ՝ «Ահա ես չոր ծառ մըն եմ»։ Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այն ներքինիներուն, Որոնք իմ շաբաթներս կը պահեն Եւ ինծի հաճոյ եղածը կ’ընտրեն Ու իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան Անոնց՝ իմ տանս մէջ եւ պարիսպներուս մէջ եղող Տղաքներէն ու աղջիկներէն աւելի՝ աղէկ տեղ ու անուն պիտի տամ։ Անոնց յաւիտենական անուն պիտի տամ, Որ պիտի չջնջուի։ Այն օտարականին որդիները, որոնք Տէրոջը յարեր են՝ Անոր ծառայութիւն ընելու, Տէրոջը անունը սիրելու Ու անոր ծառաներ ըլլալու համար, Այսինքն ամէն անոնք, որ շաբաթը կը պահեն ու չեն պղծեր Եւ իմ ուխտիս մէջ հաստատ կը կենան, Զանոնք ալ իմ սուրբ լեռս պիտի բերեմ Եւ իմ աղօթքի տանս մէջ զանոնք պիտի ուրախացնեմ։ Անոնց ողջակէզներն ու զոհերը իմ սեղանիս վրայ ընդունելի պիտի ըլլան, Քանզի իմ տունս բոլոր ազգերուն համար աղօթքի տուն պիտի կոչուի։ Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան, Որ Իսրայէլի աքսորուածները կը հաւաքէ. «Արդէն հաւաքուածներուն վրայ ուրիշներ ալ պիտի հաւաքեմ անոր»։ Ո՛վ դաշտի գազաններ, Ո՛վ անտառի գազաններ, ուտելու եկէ՛ք։ Անոր բոլոր պահապանները կոյր են, բան մը չեն տեսներ, Ամէնքն ալ համր շուներ են, հաջելու կարող չեն. Անոնք կը ցնորին, կը պառկին, քունը կը սիրեն։ Այո՛, շատակեր ու անյագ շունե՛ր են, Անոնք հասկացողութենէ զուրկ հովիւներ են։ ԱմԷնքը իրենց ճամբաներուն դարձան, Ամէն մէկը իր անիրաւ վաստակը փնտռելով՝ ըսին. «Եկէ՛ք, գինի բերենք Ու ցքիով արբենանք. Վաղն ալ այսօրուան պէս Ու ա՛լ աւելի առատ պիտի ըլլայ»։ Արդարը կը կորսուի եւ ուշադրութիւն ընող չկայ Ու բարի մարդիկը աշխարհէն կը վերցուին։ Առանց մէկուն իմանալուն արդարը չարիքին երեսէն կը վերցուի։ Անիկա խաղաղութեան մէջ կը մտնէ. Ուղղութեամբ քալողները Իրենց անկողիններուն վրայ հանգստութիւն կը գտնեն, Բայց դուք, ո՛վ վհուկի որդիներ՝ Շնացողի ու պոռնիկի սերունդ՝ հո՛ս մօտեցէ՛ք. Դուք ո՞վ ծաղր կ’ընէք, Ձեր բերանը որո՞ւ վրայ կը լայնցնէք Ու լեզունիդ կ’երկնցնէք։ Չէ՞ որ դո՛ւք անօրէնութեան զաւակներ ու ստութեան սերունդ էք։ Դուք ամէն կանանչ ծառերու տակ Դէպի կուռքերը ցանկութեամբ կը տաքնաք։ Տղաքները ձորերու մէջ, Վէմերու խոռոչներուն մէջ կը մորթէք։ Քու բաժինդ ձորին տափակ քարերուն մէջ է։ Քու վիճակդ անոնք են, անոնք. Անոնց անգամ նուէր թափեցիր, ընծայ մատուցանեցիր։ Միթէ ես ասոնց կրնա՞մ համբերել։ Դուն քու անկողինդ բարձրացած ու վերացած լերան վրայ դրիր, Հոն ալ զոհ ընելու ելար։ Դռներուն ու դրանդիքներուն ետեւը քու յիշատակդ դրիր. Զիս լքեցիր եւ մահիճդ բացիր Ու վեր ելլելով անկողինդ լայնցուցիր Եւ անոնց հետ համաձայնեցար, Անոնց անկողինը սիրեցիր, անոնց մերկութիւնը դիտեցիր։ Թագաւորին քով հոտաւէտ իւղով գացիր, Անուշահոտութիւններդ շատցուցիր, Դեսպաններդ հեռաւոր տեղեր ղրկեցիր, Ինքզինքդ մինչեւ դժոխք իջեցուցիր։ Քու ճամբուդ երկայնութենէն յոգնեցար, Բայց չըսիր. «Յոյս չկայ»։ Քու ձեռքիդ նոր կեանք գտար, Անոր համար չթուլցար։ Դուն որմէ՞ զարհուրեցար ու վախցար, որ ստախօս եղար, Զիս չյիշեցիր ու իմ մասիս չխորհեցար։ Չէ՞ որ երկար ատեն լուռ կենալուս համար է, Որ ինծմէ չես վախնար։ Ես քու արդարութիւնդ ու գործերդ պիտի հրատարակեմ, Որոնք քեզի օգուտ պիտի չընեն։ Երբ դուն աղաղակես, թող քու հաւաքած կուռքերդ քեզ փրկեն։ Բայց հովը պիտի տանի ամէնքը, Շունչ մը զանոնք պիտի հեռացնէ. Սակայն ինծի յուսացողները երկիրը՝ իբրեւ կալուած պիտի ստանան Ու իմ սուրբ լեռս պիտի ժառանգեն։ Եւ պիտի ըսեն. «Պատրաստեցէ՛ք, պատրաստեցէ՛ք. Ճամբայ բացէ՛ք, Խոչը իմ ժողովուրդիս ճամբայէն վերցուցէ՛ք»։ Քանզի այսպէս կ’ըսէ Բարձրը ու Բարձրեալը, Որ յաւիտենականութեան մէջ կը բնակի ու անոր անունը Սուրբ է. «Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ, Բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ, Որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմ Եւ կոտրած սրտերը ապրեցնեմ։ Քանզի յաւիտեան պիտի չվիճիմ Ու միշտ պիտի չբարկանամ, Վասն զի իմ առջեւս հոգիները պիտի մարին Եւ այն կեանքերը՝ որոնք ես ստեղծեցի։ Անոր ագահութեան անօրէնութեանը համար բարկացայ Ու զանիկա զարկի, իմ երեսս ծածկեցի ու սրդողեցայ, Բայց ապստամբը իր կամքին ճամբուն հետեւացաւ։ Անոր ճամբաները տեսայ, բայց զանիկա պիտի բժշկեմ, Անոր առաջնորդութիւն պիտի ընեմ, Զանիկա ու անոր սգաւորները պիտի մխիթարեմ։ Շրթունքներուն պտուղը ես կ’ստեղծեմ»։ «Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն ըլլայ հեռուն եղողին Եւ մօտը եղողին, կ’ըսէ Տէրը, Ես զանիկա պիտի բժշկեմ։ Բայց ամբարիշտները ալեծուփ ծովու պէս են, որ չի կրնար հանդարտիլ, Որուն ջուրերը տիղմ ու ցեխ դուրս կը նետեն։ Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան», կ’ըսէ իմ Տէր Աստուածս։ «Բարձրաձայն կանչէ եւ մի՛ խնայեր, Ձայնդ փողի պէս բարձրացուր Եւ իմ ժողովուրդիս՝ իրենց յանցանքը Ու Յակոբին տանը՝ իրենց մեղքերը յայտնէ։ Անոնք ամէն օր զիս կը փնտռեն Եւ իմ ճամբաներս գիտնալ կը փափաքին, Այնպիսի ազգի մը պէս, որ արդարութիւն կ’ընէ Ու իր Աստուծոյն օրէնքները զանց չ’ըներ։ Ինծի արդարութեան կանոնները կը հարցնեն, Աստուծոյ մօտենալ կը փափաքին, Ու կ’ըսեն ՝ ‘Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար, Մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար’։ Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէք Եւ ձեր բոլոր պահանջները խստութեամբ կը պահանջէք՝ ՝։ Ահա կռիւի ու վէճի Եւ չարութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք, Որ ձեր ձայնը բարձրերը լսել տաք։ Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս Ու մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ’ըլլայ. Իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելով Եւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ’ըլլայ ։ Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տէրոջը ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես։ Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ Անիրաւութեան կապերը քակելը, Լուծին կապերը թուլցնելը, Հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, Ամէն լուծ կտրելը, Հացդ անօթիին բաժնելը, Թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, Մերկ մը հագուեցնելը Ու մարմինդ անտեսելն է։ Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի Ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի։ Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ Ու Տէրոջը փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ։ Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ, Պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. ‘Ահա ես’։ Եթէ քու մէջէդ լուծը, Մատով ցուցնելն ու չար խօսքերը վերցնես, Եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես՝ ՝ Եւ կարօտին հոգին կշտացնես, Այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի Ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ։ Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ, Քու հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ, Ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. Դուն ջրարբի պարտէզի պէս Աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր։ Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն։ Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես։ Դուն փլածներ նորոգող Ու բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս։ Եթէ շաբաթը՝ իմ սուրբ օրս՝ Քու ցանկութիւնդ կատարելէ ոտքդ դարձնես Ու շաբաթը՝ քու զուարճութիւնդ Եւ Տէրոջը նուիրուած օրը պատուական անուանես, Զանիկա պատուես՝ քու ճամբաներուդ չհետեւելով, Քու ցանկութիւնդ չկատարելով ու պարապ խօսք չխօսելով, Այն ատեն Տէրոջմով պիտի ուրախանաս։ Քեզ երկրին բարձր տեղերը պիտի հանեմ, Քու հօրդ Յակոբին ժառանգութիւնը քեզի պիտի կերցնեմ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։ Միթէ Տէրոջը ձեռքը կարող չէ՞ փրկել, Կամ անոր ականջը ծանրացա՞ւ, որ չլսէ։ Բայց ձեր ու ձեր Աստուծոյն միջեւ բաժանում ձգողը Ձեր անօրէնութիւնները եղան։ Ձեր մեղքերը անոր երեսը ձեզմէ ծածկեցին, որ չլսէ։ Քանզի ձեր ձեռքերը՝ արիւնով Ու ձեր մատերը անօրէնութիւնով պղծուեցան։ Ձեր շրթունքը սուտ խօսեցան Եւ ձեր լեզուները անիրաւութիւն արտաբերեցին։ Չկայ մէկը, որ արդարութեան համար բողոքէ Ու չկայ մէկը, որ ճշմարտութեամբ դատ վարէ. Անոնք սնոտի բաներու կը յուսան եւ ունայնութիւն կը խօսին. Թշուառութիւն կը յղանան ու անօրէնութիւն կը ծնանին։ Քարբի հաւկիթներ կը թխսեն Ու սարդի ոստայն կը հիւսեն։ Անոնց հաւկիթները ուտողը կը մեռնի, Եթէ կոտրեն՝ իժ կ’ելլէ։ Անոնց ոստայններէն հանդերձ չըլլար Եւ իրենց գործերովը չեն կրնար զիրենք ծածկել։ Անոնց գործերը անօրէնութեան գործեր են Ու անոնց ձեռքերուն մէջ բռնութեան գործ կայ։ Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն Ու անմեղ արիւն թափելու կ’արտորան։ Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են, Անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ։ Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար Եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ։ Իրենց շաւիղները խոտորցուցին. Բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին։ Ատոր համար իրաւունքը մեզմէ հեռացաւ Ու արդարութիւնը մեզի չի հասնիր. Լոյսի կը սպասենք եւ ահա խաւար կ’ըլլայ, Պայծառութեան կը սպասենք, բայց մառախուղի մէջ կը շրջինք։ Կոյրերու պէս պատերը կը շօշափենք Ու աչք չունեցողներու պէս կը խարխափենք։ Կէսօրին գիշերուան պէս կը գլորինք. Պտղաբեր արտերու մէջ ՝ ՝ մեռելներու պէս ենք։ Ամէնքս արջերու պէս կը մրթմրթանք Ու աղաւնիներու պէս անդադար կը մնչենք. Դատաստանի կը սպասենք, բայց չկայ. Փրկութեան համար կը նայինք, բայց անիկա մեզմէ հեռու է։ Քանզի մեր յանցանքները քու առջեւդ շատցան Ու մեր մեղքերը մեզի դէմ վկայութիւն կու տան, Վասն զի մեր յանցանքները մեր քովն են Ու մեր անօրէնութիւնները գիտենք։ Յանցանք գործեցինք, Տէրը ուրացանք Եւ մեր Աստուծոյն հետեւելէն խոտորեցանք։ Հարստահարութիւն եւ ապստամբութիւն յառաջացուցինք, Մեր սրտին մէջ սուտ խօսքեր յղացանք ու ըսինք՝ Իրաւունքը ետ դարձաւ Ու արդարութիւնը հեռացաւ, Քանզի ճշմարտութիւնը հրապարակին մէջ ինկաւ Եւ ուղղութիւնը չի կրնար ներս մտնել։ Ճշմարտութիւնը կը պակսի, Չարութենէ զգուշացողը կը կողոպտուի։ Տէրը տեսաւ եւ ասիկա անոր առջեւ գէշ երեւցաւ, Քանզի իրաւունք չմնաց։ Տեսաւ, որ մարդ մը չկար Եւ զարմացաւ, որ միջնորդ մը չէր գտնուեր, Ուստի իր բազուկը իրեն օգնեց Ու իր արդարութիւնը իրեն ձեռնտու եղաւ։ Արդարութիւնը զրահի պէս հագաւ, Փրկութիւնը սաղաւարտի պէս իր գլուխը դրաւ Եւ վրէժխնդրութեան զգեստը պատմուճանի պէս հագաւ Ու նախանձը վերարկուի պէս իր վրայ առաւ։ Իրենց վարմունքին համեմատ հատուցում պիտի ընէ։ Բարկութիւն՝ իր հակառակորդներուն, Հատուցում՝ իր թշնամիներուն, Կղզիներուն հատուցում պիտի ընէ։ Արեւմուտքը՝ Տէրոջը անունէն, Արեւելքը անոր փառքէն պիտի վախնան. Երբ թշնամին գետի պէս գայ, Տէրոջը Հոգին անոր դէմ դրօշակ պիտի կանգնեցնէ՝ ՝։ «Փրկիչ պիտի գայ Սիօնին Ու Յակոբին մէջ չարութենէ դարձողներուն», կ’ըսէ Տէրը։ «Անոնց հետ այս ուխտը պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Իմ Հոգիս, որ քու վրադ է Ու իմ խօսքերս, որոնք քու բերանդ դրած եմ, Քու բերնէդ ու քու զաւակներուդ բերնէն Եւ քու զաւակներուդ զաւակներուն բերնէն պիտի չպակսին, Այսօրուընէ մինչեւ յաւիտեան», կ’ըսէ Տէրը։ Ելի՛ր, լուսաւորուէ՛. քանզի քու լոյսդ եկաւ Ու Տէրոջը փառքը քու վրադ ծագեցաւ։ Վասն զի ահա խաւարը՝ երկիրը Ու մառախուղը ազգերը պիտի ծածկէ, Բայց քու վրադ Տէրը պիտի ծագի Եւ անոր փառքը քու վրադ պիտի երեւնայ։ Ազգեր քու լոյսիդ պիտի գան Եւ թագաւորներ՝ քու վրադ ծագած պայծառութեանը։ Աչքերդ վերցո՛ւր ու բոլորտիքդ նայէ՛. Ամէնքը կը հաւաքուին ու քեզի կու գան։ Քու տղաքներդ հեռուէն պիտի գան Եւ քու աղջիկներդ գրկի մէջ մանուկներու պէս պիտի տարուին։ Այն ատեն պիտի տեսնես եւ ուրախանաս Ու սիրտդ պիտի ուրախանայ ու ցնծայ, Քանզի ծովուն առատութիւնը քեզի պիտի դառնայ, Ազգերուն հարստութիւնը քեզի պիտի գայ։ Ուղտերուն երամակը եւ Մադիամի ու Գեփայի տաճիկ ուղտերը, քեզ պիտի ծածկեն։ Ամէնքը Սաբայէն պիտի գան, Ոսկի ու կնդրուկ պիտի բերեն Եւ Տէրոջը փրկութիւնը պիտի աւետեն։ Կեդարի բոլոր հօտերը քու քովդ պիտի հաւաքուին Ու Նաբէօթի խոյերը քեզի պիտի ծառայեն։ Անոնք իմ սեղանիս վրայ պիտի ելլեն՝ ընդունելի զոհ ըլլալու ։ Իմ աղօթքիս տունը պիտի փառաւորեմ։ Ո՞վ են ասոնք, որ կը թռչին ամպի պէս Ու դէպի իրենց վանդակը թռչող աղաւնիներու պէս։ Քանզի կղզիներն ու Թարսիսի նաւերը Ինծի համար պատրաստ պիտի ըլլան, Որպէս զի հեռուէն քու տղաքներդ Եւ անոնց հետ անոնց արծաթն ու ոսկին բերեն, Քու Տէր Աստուծոյդ անուանը համար Ու Իսրայէլի Սուրբին համար, քանզի անիկա քեզ կը փառաւորէ։ Օտարներուն որդիները քու պարիսպներդ պիտի շինեն Ու անոնց թագաւորները քեզի ծառայութիւն պիտի ընեն, Քանզի իմ բարկութիւնովս քեզ զարկի, Բայց բարեհաճութիւնովս քեզի պիտի ողորմիմ։ Քու դռներդ միշտ բաց պիտի ըլլան, Ցորեկ ու գիշեր պիտի չգոցուին, Որպէս զի քեզի կրեն ազգերուն ստացուածքը Եւ անոնց թագաւորները բերուին։ Քանզի այն ազգն ու թագաւորութիւնը որ քեզի չեն ծառայեր՝ պիտի կորսուին Ու բոլորովին պիտի կործանին։ Լիբանանի փառքը քեզի պիտի գայ, Մայրին, սօսին ու տօսախը մէկտեղ՝ Իմ սրբարանս զարդարելու համար։ Իմ ոտքերուս տեղը պիտի փառաւորեմ։ Քեզի նեղութիւն տուողներուն տղաքները Ծռելով քեզի պիտի գան։ Բոլոր քեզ անարգողները Քու ոտքերուդ գարշապարներուն երկրպագութիւն պիտի ընեն։ Քեզ Տէրոջը քաղաքը, Իսրայէլի Սուրբին Սիօնը պիտի անուանեն։ Դուն որ երեսէ ձգուած ու ատելի եղար Եւ քեզմէ անցնող չեղաւ, Քեզ՝ յաւիտենական փառք Ու ազգէ ազգ տեւող ուրախութիւն պիտի ընեմ։ Ազգերուն կաթը պիտի ծծես, Թագաւորներուն ստինքը պիտի ծծես Եւ պիտի գիտնաս թէ ես Տէ՛րս եմ քու Ազատիչդ Ու Փրկիչդ, Յակոբին Հզօրը։ Պղնձի տեղ ոսկի պիտի բերեմ, Երկաթի տեղ՝ արծաթ, Փայտերու տեղ՝ պղինձ, Քարերու տեղ երկաթ պիտի բերեմ։ Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, Քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն։ Անգամ մըն ալ քու երկրիդ մէջ՝ բռնութիւն Եւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած տեղի պիտի չունենայ, Հապա քու պարիսպներդ՝ Փրկութիւն Ու դռներդ Գովութիւն պիտի անուանես։ Անգամ մըն ալ ցորեկը քու լուսատուդ արեւը պիտի չըլլայ Ու գիշերը լուսինը իր պայծառութիւնովը քեզի լոյս պիտի չտայ. Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս Եւ քու Աստուածդ քու փառքդ պիտի ըլլայ։ Քու արեւդ անգամ մըն ալ պիտի չմարի Ու քու լուսինդ պիտի չնուազի. Հապա Եհովան քեզի յաւիտենական լոյս պիտի ըլլայ Եւ սուգի օրերդ պիտի վերջանան։ Ու քու բոլոր ժողովուրդդ արդար պիտի ըլլայ Ու երկիրը յաւիտենապէս պիտի ժառանգէ։ Իմ տնկած տունկս՝ իմ ձեռքերուս գործը՝ Իմ փառքիս համար պիտի ըլլայ։ Քիչուորը՝ հազարաւոր Ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա։ Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, Վասն զի Տէրը զիս օծեց Ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, Կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, Գերիներուն՝ ազատութիւն Եւ բանտարկեալներուն բանտին բացուիլը հրատարակելու։ Տէրոջը՝ ընդունելի տարին Ու մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը հրատարակելու, Բոլոր սգաւորները մխիթարելու, Սիօնի սգաւորները որոշելու Ու անոնց մոխիրի տեղ՝ փառք, Սուգի տեղ՝ ուրախութեան իւղ, Կոտրած հոգիի տեղ գովութեան պատմուճան տալու։ Եւ զանոնք պիտի անուանեն Արդարութեան բեւեկնիներ, Որոնք Տէրը տնկեր է իր փառքին համար։ Հին աւերակները պիտի շինեն, Առաջուան կործանուածները պիտի կանգնեցնեն, Աւերուած քաղաքները Ու շատ դարերէ ի վեր աւերակ մնացածները պիտի նորոգեն։ Օտարականները պիտի գան ու ձեր հօտերը պիտի հովուեն։ Օտարներուն որդիները ձեր երկրագործները եւ այգեգործները պիտի ըլլան։ Բայց դուք Տէրոջը՝ քահանաներ, Մեր Աստուծոյն պաշտօնեաներ պիտի կոչուիք։ Ազգերուն հարստութիւնը պիտի ուտէք Ու անոնց փառքովը պիտի փառաւորուիք։ Ձեր ամօթին տեղ՝ կրկին ուրախութիւն Եւ անարգանքին տեղ ձեր ժառանգութեանը մէջ պիտի ցնծաք, Ուստի ձեր երկրին մէջ կրկին ժառանգութիւն պիտի առնէք։ Յաւիտենական ուրախութիւն պիտի ունենաք։ Քանզի ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ. Անիրաւութիւնն ու յափշտակութիւնը կ’ատեմ. Իրաւցընէ անոնց գործերուն վարձքը պիտի տամ Ու անոնց հետ յաւիտենական ուխտ պիտի ընեմ։ Անոնց սերունդը ազգերուն մէջ, Անոնց տղաքները ժողովուրդներուն մէջ պիտի ճանչցուին, Զանոնք բոլոր տեսնողները պիտի գիտնան, Թէ անոնք Տէրոջը օրհնած սերունդն են։ Ես Տէրոջմով մեծապէս պիտի ցնծամ Ու իմ հոգիս իմ Աստուծմովս պիտի ուրախանայ. Քանզի ինծի փրկութեան հանդերձներ հագցուց, Զիս արդարութեան պատմուճանով ծածկեց Փեսայի պէս, որ իրեն փառաւոր խոյրը կը դնէ Ու հարսի պէս, որ իր զարդերովը կը զարդարուի։ Քանզի ինչպէս երկիր իր տունկը կ’աճեցնէ Ու պարտէզը իր մէջ ցանուածները կը բուսցնէ, Այնպէս Տէր Եհովան բոլոր ազգերուն առջեւ Արդարութիւն ու գովութիւն պիտի բուսցնէ։ Սիօնի սիրոյն համար պիտի չլռեմ Ու Երուսաղէմի սիրոյն համար պիտի չհանդարտիմ. Մինչեւ որ անոր արդարութիւնը՝ լոյսի պէս Եւ անոր փրկութիւնը բոցավառ ջահի պէս ճառագայթէ։ Ազգերը՝ քու արդարութիւնդ Ու բոլոր թագաւորները քու փառքդ պիտի տեսնեն։ Դուն նոր անունով պիտի կոչուիս, Որ Տէրոջը բերանը պիտի անուանէ։ Տէրոջը ձեռքին մէջ՝ վայելչութեան պսակ Ու քու Աստուծոյդ ձեռքին մէջ արքայական թագ պիտի ըլլաս։ Դուն անգամ մըն ալ Լքուած պիտի չկոչուիս Ու քու երկիրդ անգամ մըն ալ Աւերակ պիտի չկոչուի, Հապա դուն Իմ հաւնածս՝ ՝ Ու քու երկիրդ Ամուսնացեալ պիտի կոչուի, Քանզի Տէրը քեզի պիտի հաւնի Ու քու երկիրդ պիտի ամուսնանայ։ Վասն զի ինչպէս երիտասարդ մը կոյսի հետ կ’ամուսնանայ, Այնպէս քու տղաքներդ քեզի հետ պիտի ամուսնանան։ Ինչպէս փեսան հարսին վրայ կ’ուրախանայ, Այնպէս քու Աստուածդ քու վրադ պիտի ուրախանայ։ Քու պարիսպներուդ վրայ, ո՛վ Երուսաղէմ, պահապաններ դրի. Անոնք բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը բնաւ պիտի չլռեն։ Դուք, ո՛վ Տէրը յիշողներ, լուռ մի՛ կենաք Ու անոր հանգստութիւն մի՛ տաք, Մինչեւ անիկա հաստատէ, Մինչեւ Երուսաղէմը երկրին գովելի քաղաքը դարձնէ։ Տէրը իր աջ ձեռքին վրայ ու իր զօրաւոր բազուկին վրայ այսպէս երդում ըրաւ. «Քու ցորենդ անգամ մըն ալ քու թշնամիներուդ կերակուր պիտի չտամ Եւ օտարներու որդիները պիտի չխմեն քու գինիդ, Որուն համար դուն աշխատեցար. Հապա հնձողները պիտի ուտեն զանիկա Ու Տէրոջը փառք պիտի տան Եւ զանիկա հաւաքողները իմ սուրբ սրահներուս մէջ պիտի խմեն»։ Անցէ՛ք, անցէ՛ք դռներէն, Ժողովուրդին ճամբայ պատրաստեցէ՛ք. Շտկեցէ՛ք, շտկեցէ՛ք շաւիղները, Քարերը անկէ հաւաքեցէ՛ք. Ժողովուրդներուն վրայ դրօշակ բարձրացուցէք։ Ահա Տէրը մինչեւ երկրի ծայրը յայտարարեց, որ Սիօնի աղջկանը ըսեն. «Ահա քու Փրկիչդ կու գայ, Ահա անոր վարձքը իրեն հետ է Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է»։ Անոնք Սուրբ ժողովուրդ, Տէրոջը փրկածները, պիտի կոչուին Ու դուն Փնտռուած ու Չլքուած քաղաք պիտի կոչուիս։ Ո՞վ է ասիկա, որ կու գայ Եդովմէն, Կարմրագոյն զգեստով՝ Բօսրայէն, Որ փառաւոր հանդերձով զարդարուած է Եւ իր շատ զօրութիւնովը պանծալով կը քալէ։ «Ես եմ, որ արդարութեամբ կը խօսիմ Ու փրկելու կարողութիւն ունիմ»։ Ինչո՞ւ համար քու հանդերձդ կարմիր է Ու քու զգեստներդ հնձանի մէջ կոխկռտողին հագուստին պէս են։ «Հնձանի մէջ միայն ես կոխեցի Եւ ժողովուրդներէն ինծի հետ մա՛րդ չկար։ Զանոնք իմ բարկութիւնովս կոխեցի Եւ իմ սրտմտութիւնովս զանոնք ճմլեցի։ Անոնց արիւնը իմ զգեստներուս վրայ ցատկեց Եւ բոլոր հանդերձներս ներկեցի, Քանզի իմ սրտիս մէջ էր վրէժխնդրութեան օրը Ու իմ փրկուած տարիս հասած էր։ Նայեցայ, բայց օգնող չկար։ Զարմացայ, որ ձեռնտու եղող մը չկար, Ուստի իմ բազուկս զիս փրկեց Ու իմ բարկութիւնս ինծի ձեռնտու եղաւ։ Եւ իմ բարկութիւնովս ժողովուրդներ կոխեցի Ու զանոնք իմ սրտմտութիւնովս գինովցուցի Եւ անոնց արիւնը գետինը թափեցի։ Տէրոջը ողորմութիւնները, Տէրոջը գովութիւնները պիտի յիշեմ՝ Տէրոջը բոլոր մեզի շնորհածներուն համեմատ Եւ այն շատ բարիքներուն համեմատ Որոնք իր գթութիւնովը եւ առատ ողորմութիւնովը Իսրայէլի տանը ըրած է։ Քանզի ըսաւ. «Իրաւցընէ անոնք իմ ժողովուրդս են, Սուտ չելլելու որդիներ են»։ Անիկա անոնց փրկիչ եղաւ, Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց, Իր ներկայութեան հրեշտակը զանոնք ազատեց, Իր սիրովն ու գթութիւնովը զանոնք փրկեց։ Զանոնք վերցուց ու անցեալ օրերուն մէջ զանոնք կրեց։ Բայց անոնք ապստամբեցան ու անոր Սուրբ Հոգին բարկացուցին։ Անիկա ալ անոնց թշնամի դարձաւ Ու ինք անոնց հետ պատերազմ ըրաւ։ Այն ատեն յիշեցին հին օրերը՝ Մովսէսը եւ անոր ժողովուրդը։ Ո՞ւր է անիկա, որ իր հօտին հովիւովը զանոնք ծովէն հանեց, Ո՞ւր է անիկա, որ անոնց մէջ իր Սուրբ Հոգին դրաւ, Իր փառաւոր բազուկը Մովսէսին աջ ձեռքին հետ պտըտցուց, Իրեն յաւիտենական անուն վաստկելու համար Անոնց առջեւէն ջուրերը պատռեց Զանոնք անդունդներէն առանց սահելու անցուց, Ինչպէս ձի մը անապատէն կ’անցնի ։ Տէրոջը Հոգին զանիկա հանգստացուց, Հովիտը իջնող անասուններու պէս։ Դուն քու ժողովուրդիդ առաջնորդութիւն ըրիր, Որպէս զի քեզի փառաւոր անուն վաստկիս։ Երկնքէն նայէ՛, Քու սուրբ ու փառաւոր բնակութենէդ տե՛ս։ Ո՞ւր է քու նախանձդ ու զօրութիւնդ։ Քու աղիքներուդ գալարուիլը եւ ինծի ըրած ողորմութիւններդ արգիլուեցա՞ն։ Քանզի մեր Հայրը դուն ես, Թէեւ Աբրահամ մեզ չի գիտեր Ու Իսրայէլ մեզ չի ճանչնար. Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր Հայրն ես Ու սկիզբէն քու անունդ մեր Փրկիչն է։ Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ համար մեզ քու ճամբաներէդ կը մոլորեցնես, Ինչո՞ւ մեր սիրտը կը խստացնես, որ քեզմէ չվախնանք։ Քու ծառաներուդ սիրոյն համար, Քու ժառանգութեանդ ցեղերուն դարձիր։ Քու սուրբ ժողովուրդդ իրենց ժառանգութիւնը քիչ ատեն վայելեցին։ Մեր թշնամիները քու սրբարանդ ոտնակոխ ըրին։ Մենք այնպէս եղանք, Որպէս թէ դուն մեր վրայ չէիր տիրեր Եւ քու անունդ մեր վրայ չէր կանչուեր։ Երանի՜ թէ երկինքը ճեղքելով վար իջնէիր, Քու ներկայութենէդ լեռները հալէին։ Խռիւները՝ բռնկցնող կրակի պէս, Ջուրերը՝ եռացնող կրակի պէս, Որ քու անունդ թշնամիներուդ յայտնէիր Ու ազգերը քու երեսէդ դողային Երբ այն սոսկալի բաները ըրիր, որոնց չէինք յուսար, Իջա՛ր եւ քու երեսէդ լեռները հալեցան։ Քանզի սկիզբէն ի վեր չլսուեցաւ ու ականջ չլսեց Եւ աչք չտեսաւ քեզմէ զատ ուրիշ Աստուած մը, Որ իրեն յուսացողներուն այսպիսի բաներ ընէ։ Անոնց հանդիպեցար, որոնք ուրախութեամբ արդարութիւն կ’ընեն Եւ քու ճամբաներուդ մէջ քեզ կը յիշեն։ Ահա բարկացար, վասն զի մեղք գործեցինք Եւ անոնց մէջ երկար ատեն մնացինք. արդեօք պիտի փրկուի՞նք։ Բայց ամէնքս պիղծ բանի պէս եղանք Ու մեր բոլոր արդար գործերը անմաքուր լաթի պէս են։ Ամէնքս տերեւի պէս կը թառամինք Ու մեր անօրէնութիւնները հովի պէս մեզ կը հեռացնեն։ Քու անունդ կանչող չկայ, Որ արթննայ ու քեզմէ ոյժ գտնէ, Քանզի քու երեսդ մեզմէ ծածկեցիր Ու մեր անօրէնութիւններուն պատճառով մեզ մաշեցուցիր։ Բայց հիմա, ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։ Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք։ Շատ մի՛ բարկանար, ո՛վ Տէր Ու մեր անօրէնութիւնը յաւիտեան մի՛ յիշեր։ Ահա նայէ՛, կաղաչենք, ամէնքս քու ժողովուրդդ ենք։ Սուրբ քաղաքներդ անապատ եղան, Սիօն անապատ եղաւ, Երուսաղէմ աւերակ եղաւ։ Մեր սուրբ ու փառաւոր տունը, Որուն մէջ մեր հայրերը քեզ կ’օրհնէին, Հրոյ ճարակ եղաւ։ Մեր բոլոր ցանկալի տեղերը ամայացան։ Դեռ ինքզինքդ պիտի զսպե՞ս, ո՛վ Տէր, Տակաւին պիտի լռե՞ս ու մեզ խիստ շատ պիտի նեղե՞ս։ Զիս չհարցնողներէն փնտռուեցայ, Զիս չխնդրողներէն գտնուեցայ։ Իմ անունս չկանչող՝ ՝ ազգին «Ահա հոս եմ, ահա հոս եմ», ըսի։ Ամէն օր իմ ձեռքերս երկնցուցի ապստամբ ժողովուրդի մը, Որոնք այնպիսի ճամբու մէջ կը քալեն, որ աղէկ չէ Եւ իրենց խորհուրդներուն կը հետեւին։ Այնպիսի ժողովուրդի մը, որ միշտ երեսիս դէմ զիս կը բարկացնէ. Պարտէզներու մէջ կը զոհեն, Աղիւսներու վրայ խունկ կը ծխեն, Գերեզմաններու մէջ կը նստին, Գիշերը առանձին տեղերը կ’անցընեն, Խոզի միս կ’ուտեն, Իրենց ամաններուն մէջ գարշելի բաներու արգանակ կայ։ Անոնք կ’ըսեն. «Մէկդի՛ կեցիր, ինծի մի՛ դպչիր, Քանզի ես քեզմէ սուրբ եմ»։ Ասոնք իմ ռնգունքներուս մէջ ծուխ են Ու ամէն օր բորբոքած կրակ են։ Ահա իմ առջեւս գրուած է. «Պիտի չլռեմ, հապա պիտի հատուցանեմ։ Այո՛, անոնց ծոցին մէջ պիտի հատուցանեմ Ձեր անօրէնութիւնները՝ ձեր հայրերուն անօրէնութիւններուն հետ մէկտեղ, Որոնք լեռներու վրայ խունկ ծխեցին Ու բլուրներուն վրայ զիս անարգեցին, կ’ըսէ Տէրը, Ուստի անոնց առաջուան գործերը իրենց ծոցերուն մէջ պիտի լեցնեմ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Զոր օրինակ երբ ողկոյզի մը վրայ քաղցու գտնուի, կ’ըսեն՝ ‘Ատիկա մի՛ կորսնցներ, Քանզի ատոր վրայ օրհնութիւն կայ’։ Ես ալ իմ ծառաներուս համար այնպէս պիտի ընեմ, Որպէս զի ամէնքը չկորսնցնեմ։ Յակոբէն՝ սերունդ, Յուդայէն իմ լեռներուս ժառանգորդ պիտի հանեմ։ Իմ ընտրեալներս այն երկիրը պիտի ժառանգեն։ Իմ ծառաներս հոն պիտի բնակին։ Զիս փնտռող ժողովուրդիս համար Սարօն՝ հօտերու փարախ Եւ Աքովրի ձորը արջառներու մակաղատեղի պիտի ըլլայ։ Քանի որ դուք Տէրը թողուցիք Ու իմ սուրբ լեռս մոռցաք, Գաղ կուռքին ՝ ՝ սեղան պատրաստեցիք Ու Մենիին թափելու նուէր՝ ՝ լեցուցիք, Ես ալ ձեզ սուրի պիտի մատնեմ Եւ ամէնքդ պիտի ծռիք մորթուելու համար. Քանզի կանչեցի ու պատասխան չտուիք, Խօսեցայ ու մտիկ չըրիք, Հապա իմ առջեւս չարութիւն ըրիք Եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք»։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա իմ ծառաներս պիտի ուտեն, Բայց դուք անօթի պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն, Բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, Բայց դուք պիտի ամչնաք։ Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան, Բայց դուք սրտի ցաւէ պիտի աղաղակէք Եւ հոգիի ճնշումէ պիտի ոռնաք։ Ձեր անունը իմ ընտրածներուս անէծքի համար պիտի թողուք։ Տէր Եհովան քեզ պիտի մեռցնէ Ու իր ծառաները ուրիշ անունով պիտի կանչէ, Որպէս զի երկրի վրայ օրհնուողը Ճշմարիտ Աստուծմով օրհնուի Ու երկրի վրայ երդում ընողը Ճշմարիտ Աստուծմով երդում ընէ։ Քանզի առաջուան նեղութիւնները մոռցուեցան Ու անոնք իմ աչքերէս ծածկուեցան։ Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ Եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։ Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս Յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք. Վասն զի ահա ես Երուսաղէմը՝ ցնծութեան համար Ու անոր ժողովուրդը ուրախութեան համար կը ստեղծեմ։ Երուսաղէմի վրայ պիտի ցնծամ Ու իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի ուրախանամ։ Հոն անգամ մըն ալ լացի ձայն ու ողբի ձայն պիտի չլսուի։ Հոն անգամ մըն ալ՝ քիչ օր ապրող տղայ, Կամ օրերը չլեցուած ծեր պիտի չըլլայ, Քանզի երիտասարդը հարիւր տարեկան պիտի մեռնի Եւ հարիւր տարեկան մեղաւորը անէծքի պիտի հանդիպի։ Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, Այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, Անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. Վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան Եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին Ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին. Քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են Ու իրենց հետ իրենց զաւակներն ալ։ Անոնք դեռ չկանչած՝ պատասխան պիտի տամ, Մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ։ Գայլն ու գառը մէկտեղ պիտի արածին։ Առիւծը արջառին պէս յարդ պիտի ուտէ։ Օձին կերակուրը հող պիտի ըլլայ։ Անոնք իմ սուրբ լերանս մէջ պիտի չվնասեն Ու պիտի չապականեն», կ’ըսէ Տէրը։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Երկինք իմ աթոռս է Ու երկիր իմ ոտքերուս պատուանդանն է։ Այս ի՞նչ տուն է որ ինծի համար կը շինէք Եւ այս ի՞նչ տեղ է իմ հանգստութեանս համար։ Քանզի այս բոլորը իմ ձեռքս շինեց Ու այս բոլորը իմս են, կ’ըսէ Տէրը, Բայց ես այս մարդոց պիտի նայիմ, Այսինքն խոնարհին եւ կոտրած հոգի ունեցողին Ու իմ խօսքէս դողացողին։ Արջառ մորթողը մարդ մեռցնողի պէս է, Գառնուկ զոհողը շուն մորթողի պէս ։ Նուէր մատուցանողը խոզի արիւն մատուցանողի պէս, Կնդրուկ ծխողը կուռք պաշտողի՝ ՝ պէս ։ Իրաւցընէ անոնք իրենց ճամբաները ընտրեցին Ու անոնց հոգիները իրենց գարշելիներէն կ’ախորժին։ Ես ալ անոնց թշուառութիւնները պիտի ընտրեմ Եւ այն բոլոր բաները, որոնցմէ կը վախնան, իրենց վրայ պիտի բերեմ։ Վասն զի կանչեցի ու պատասխան տուող չեղաւ, Խօսեցայ ու մտիկ չըրին։ Իմ առջեւս չարութիւն ըրին Եւ իմ չհաւնածս ընտրեցին»։ Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք, Ո՛վ անոր խօսքերէն դողացողներ. «Իմ անուանս համար ձեզ ատող Ու ձեզ անարգող ձեր եղբայրները ըսին՝ ‘Թող Տէրը փառաւորուի Ու ձեր ուրախութիւնը տեսնենք’. Բայց անոնք պիտի ամչնան։ Քաղաքէն աղաղակ մը, տաճարէն ձայն մը կու գայ, Տէրոջը ձայնը, որ իր թշնամիներուն վարձքը կը հատուցանէ։ Առանց ցաւ կրելու ծնաւ, Երկունքի ցաւը գալէ առաջ մանչ մը ծնաւ։ Ո՞վ լսեց այսպիսի բան մը, ո՞վ տեսաւ նման բան։ Միթէ երկիր մէկ օրուան մէ՞ջ կը ծնի, Կամ ազգ մը մէկ անգամէ՞ն ծնաւ։ Քանզի Սիօն հազիւ երկունք քաշեց երբ իր տղաքները ծնաւ։ ‘Ես որ ծնանելու վայրկեանը կը բերեմ, Ծնանիլ պիտի չտա՞մ’, կ’ըսէ Տէրը. ‘Ես որ յղանալ կ’արտօնեմ, Արգանդը պիտի գոցե՞մ’, կ’ըսէ քու Աստուածդ։ Երուսաղէմին հետ ուրախացէ՛ք ու անոր հետ ցնծացէ՛ք Դո՛ւք բոլորդ, որ զանիկա կը սիրէք։ Մեծապէս ուրախացէ՛ք անոր հետ Դո՛ւք, բոլորդ որ անոր համար սուգ կը բռնէք։ Վասն զի անոր մխիթարութեան ստինքներէն Պիտի ծծէք ու կշտանաք։ Վասն զի դուք կաթով պիտի սնանիք Եւ անոր փառքին առատութիւնովը պիտի զուարճանաք»։ Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես անոր վրայ խաղաղութիւնը գետի պէս Ու ազգերուն փառքը յորդահոս հեղեղի պէս պիտի տարածեմ։ Եւ կաթով պիտի սնանիք եւ ձեզ գրկի վրայ պիտի կրեն Ու ծունկերու վրայ պիտի գգուեն ձեզ։ Ինչպէս մայր մը իր տղան կը հանգստացնէ, Այնպէս ալ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ Ու Երուսաղէմ պիտի մխիթարէ ձեզ։ Պիտի տեսնէք ու սրտերնիդ պիտի ուրախանայ Եւ ձեր ոսկորները կանանչ խոտի պէս պիտի ծաղկին։ Տէրոջը ձեռքը իր ծառաներուն վրայ Եւ անոր բարկութիւնը թշնամիներուն վրայ պիտի յայտնուի։ Քանզի ահա Տէրը կրակով պիտի գայ։ Անոր կառքերը մրրիկի պէս են, Որպէս զի իր բարկութիւնը սրտմտութիւնով Եւ իր սպառնալիքը կրակի բոցով գործադրէ։ Քանզի Տէրը կրակով ու իր սուրովը պիտի դատէ ամէն մարմին։ Տէրոջմէն սպաննուածները շատ պիտի ըլլան»։ «Զիրենք սրբողները եւ պարտէզներու մէջ զիրար մաքրողները, Խոզի միս ու պիղծ բաներ եւ մուկ ուտողները Մէկտեղ բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։ «Բայց ես անոնց գործերն ու խորհուրդները գիտեմ Եւ բոլոր ազգերն ու լեզուները պիտի հաւաքեմ։ Անոնք պիտի գան ու իմ փառքս պիտի տեսնեն։ Անոնց մէջ նշան պիտի դնեմ, Անոնցմէ ազատուածները ազգերուն պիտի ղրկեմ, Այսինքն դէպի Թարսիս, դէպի Փուղ եւ Ղուդ (աղեղնաւորները)՝ Դէպի Թոբէլ ու Յաւան, Այն հեռու կղզիները, որոնք իմ համբաւս չլսեցին Եւ իմ փառքս չտեսան։ Իմ փառքս ազգերու մէջ պիտի պատմեն։ Անոնք ձիերով ու կառքերով, Գահաւորակներով, ջորիներով ու տաճիկ ուղտերով՝ Ձեր բոլոր եղբայրները բոլոր ազգերէն Իմ սուրբ լեռս՝ Երուսաղէմ՝ Տէրոջը ընծայ պիտի բերեն», կ’ըսէ Տէրը, «Ինչպէս Իսրայէլի որդիները Մաքուր ամանով Տէրոջը տունը ընծայ կը բերեն։ Անոնցմէ ալ պիտի առնեմ՝ Քահանաներ ու Ղեւտացիներ ըլլալու համար», կ’ըսէ Տէրը։ «Քանզի նոր երկինքն ու նոր երկիրը, որ պիտի ստեղծեմ, Իմ առջեւս հաստատ պիտի մնան», կ’ըսէ Տէրը։ Այնպէս ալ ձեր սերունդը եւ ձեր անունը պիտի մնան։ «Եւ ամէն նոր լուսնի տօնին եւ ամէն շաբաթ Բոլոր մարդիկը իմ առջեւս երկրպագելու պիտի գան», կ’ըսէ Տէրը։ «Անոնք պիտի ելլեն Ու իմ դէմս ապստամբողներուն դիակները պիտի տեսնեն, Քանզի անոնց որդը պիտի չմեռնի, Անոնց կրակը պիտի չմարի, Անոնք ամէն մարմնի զզուելի պիտի ըլլան»։ Բենիամինի երկիրը, Անաթովթին մէջ եղող քահանաներէն Քեղկիային որդիին Երեմիային խօսքերը, Որուն Տէրոջը խօսքը եղաւ, Յուդայի թագաւորին Ամոնին որդիին Յովսիային օրերը, անոր թագաւորութեան տասներեքերորդ տարին։ Նաեւ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը, մինչեւ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարիին վերջը, մինչեւ Երուսաղէմի գերութիւնը, որ հինգերորդ ամսուան մէջ եղաւ։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, Դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի, Քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի»։ Այն ատեն ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, Վասն զի ես մանուկ եմ»։ Բայց Տէրը ինծի ըսաւ. «Մի՛ ըսեր թէ ‘Ես մանուկ եմ’, Վասն զի ուր որ քեզ ղրկեմ՝ պիտի երթաս Ու ինչ որ քեզի պատուիրեմ՝ պիտի խօսիս։ Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, Քանզի ես քեզի հետ եմ Քեզ ազատելու համար»։ Տէրը իր ձեռքը երկնցուց ու իմ բերնիս դպաւ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ահա իմ խօսքերս քու բերանդ դրի։ Նայէ՛, ես այսօր քեզ ազգերու վրայ Եւ թագաւորութիւններու վրայ կայնեցուցի, Որպէս զի խլես ու փլցնես եւ կորսնցնես ու աւերես, Նաեւ շինես ու տնկես»։ Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Նշենիի գաւազան մը կը տեսնեմ»։ Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. «Աղէ՛կ տեսար, Վասն զի ես իմ խօսքս կատարելու պիտի արտորամ՝ ՝։ Եւ երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Եռացող կաթսայ մը կը տեսնեմ, Որուն երեսը դէպի հիւսիս է»։ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Չարիքը հիւսիսէն պիտի բորբոքի Երկրին բոլոր բնակիչներուն վրայ։ Քանզի ահա ես հիւսիսի թագաւորութիւններուն Բոլոր ազգատոհմերը պիտի կանչեմ։ Անոնք պիտի գան եւ ամէն մէկը իր աթոռը Երուսաղէմի դռներուն առջեւ Եւ անոր շրջակայ պարիսպներուն վրայ Ու Յուդայի բոլոր քաղաքներուն վրայ պիտի դնեն։ Եւ պիտի յայտնեմ անոնց իմ դատաստաններս Անոնց բոլոր չարութիւններուն համար. Վասն զի անոնք զիս թողուցին, Ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն ըրին։ Ուրեմն դուն քու մէջքդ պնդէ՛ ու ելի՛ր, Քեզի բոլոր հրամայածս անոնց ըսէ՛, Անոնց երեսէն մի՛ վախնար։ Չըլլայ որ քեզ անոնց առջեւ ամչցնեմ։ Այսօր քեզ բոլոր երկրին դէմ, Այսինքն Յուդայի թագաւորներուն, անոր իշխաններուն, Անոր քահանաներուն եւ երկրին ժողովուրդին դէմ Ամուր քաղաքի պէս ու երկաթէ սիւնի պէս Ու պղնձէ պարիսպներու պէս ըրի։ Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին, Բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. Վասն զի ես քեզի հետ եմ Քեզ ազատելու համար»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Գնա՛ ու Երուսաղէմի ականջներուն կանչէ ու ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անապատին մէջ՝ այն չցանուած երկրին մէջ՝ Իմ ետեւէս եկած ատենդ, Քու մանկութեանդ քաղցրութիւնը, Քու հարսնութեանդ սէրը յիշեցի։ Իսրայէլ Տէրոջը համար սուրբ էր, Անոր արմտիքներուն երախայրին էր։ Ամէն անոնք, որ զանիկա կ’ուտէին, յանցաւոր կ’ըլլային. Անոնց վրայ չարիք կը հասնէր’։ Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յակոբի տուն Ու Իսրայէլի տանը բոլոր ազգատոհմներ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր հայրերը ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս, Որ ինծմէ հեռացան Եւ ունայնութեան ետեւէ երթալով ունայն եղան Ու չըսին թէ ‘Ո՞ւր է Տէրը, Որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց, Որ մեզ անապատին մէջ պտըտցուց, Անցուց ամայութեան եւ փոսերու երկրէն, Չորութեան եւ մահուան ստուերի երկրէն, Այնպիսի երկրէ մը, ուրկէ մարդ չէր անցներ Ու հոն մարդ չէր բնակեր»։ Ես ձեզ բարեբեր երկիր մը բերի, Որպէս զի անոր պտուղն ու բարիքը ուտէք։ Դուք մտաք ու իմ երկիրս անմաքրեցիք, Իմ ժառանգութիւնս պղծեցիք, Քահանաները չըսին թէ ‘Տէրը ո՞ւր է’ Ու օրէնքի վարդապետները զիս չճանչցան Եւ հովիւները ինծի դէմ ապստամբեցան։ Մարգարէները Բահաղով մարգարէութիւն ըրին Եւ անօգուտ բաներու ետեւէ գացին»։ «Ասոր համար ձեզի հետ տակաւին պիտի վիճիմ, կ’ըսէ Տէրը Ու ձեր որդիներուն որդիներուն հետ պիտի վիճիմ։ Արդ՝ Կիտացիներու կղզիները անցէ՛ք ու նայեցէ՛ք Եւ Կեդար մարդ ղրկեցէք ու աղէկ հասկցէ՛ք Եւ տեսէք թէ՝ այսպիսի բան մը եղե՞ր է. Միթէ ազգ մը իր աստուածները փոխե՞ց, Թէեւ անոնք Աստուած չէին, Բայց իմ ժողովուրդս իր Փառքը Անօգուտ բանի հետ փոխեց»։ «Ով երկինք, ասոր վրայ զարմացէ՛ք. Ապշեցէ՛ք ու խիստ սոսկացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Վասն զի իմ ժողովուրդս երկու չարութիւն գործեց, Զիս՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ թողուցին Եւ իրենց գուբեր փորեցին, Ծակոտ գուբեր, որոնք չեն կրնար ջուր պահել։ Միթէ Իսրայէլ ծառա՞յ է, Կամ ծառայի զաւա՞կ է։ Անիկա ինչո՞ւ համար յափշտակութեան մատնուեցաւ. Անոր վրայ առիւծի կորիւնները մռնչեցին Ու ձայներնին հանեցին, Անոր երկիրը աւերակ ըրին, Անոր քաղաքները այրեցան, անբնակ եղան»։ «Մեմփացիներուն ու Տափնացիներուն տղաքներն անգամ Քու գլխուդ գագաթը կոտրեցին։ Չէ՞ որ ասիկա դուն քու վրադ բերիր Քու Տէր Աստուածդ ձգելով, Երբ անիկա ճամբուն մէջ քեզի առաջնորդութիւն կ’ընէր։ Հիմա դուն Եգիպտացիներուն ճամբան ի՞նչ գործ ունիս, Որ Սիովրի ջուրը խմելու կ’երթաս. Կամ Ասորեստանի ճամբան ի՞նչ գործ ունիս, Որ գետերուն ջուրը խմելու կ’երթաս ։ Քու չարութիւնդ քեզ պիտի խրատէ Ու քու անհաւատարմութիւնդ քեզ պիտի յանդիմանէ։ Արդ՝ գիտցի՛ր ու տե՛ս թէ գէշ ու դառն բան մըն է, Որ քու Տէր Աստուածդ կը թողուս Եւ քու վրադ իմ վախս չկայ», Կ’ըսէ զօրքերու Եհովա Տէրը։ «Վասն զի քու լուծդ շատոնցմէ կոտրեցի, Քու կապանքներդ փրցուցի Ու դուն ըսիր. ‘Օրինազանց պիտի չըլլամ’. Սակայն ամէն բան բարձր բլուրի վրայ Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ Ծռեցար՝ պոռնկութիւն ըրիր։ Ես քեզ իբր ընտիր որթատունկ Ու բոլորովին մաքուր սերմ տնկեր էի Եւ դուն ի՞նչպէս վայրենի որթատունկի անպիտան ճիւղերու պէս եղար։ Եթէ բորակով լուացուիս Ու շատ օճառ ալ գործածես, Քու անօրէնութիւնդ առջեւս բիծի պէս կը մնայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Ի՞նչպէս կրնար ըսել. ‘Ես չպղծուեցայ, Բահաղին ետեւէն չգացի’։ Հովիտին մէջի քու ճամբուդ նայէ Եւ ըրածդ գիտցիր, Ո՛վ խոտորնակ ճամբաներ պտըտող յամառ տաճիկ ուղտ։ Անապատի վարժուած վայրենի էշը, Որ իր ցանկութիւնովը հովը կը հոտոտէ, Իր ցանկութենէն ո՞վ կրնայ ետ դարձնել. Բոլոր զանիկա փնտռողները չեն յոգնիր, Իր ամսուան մէջ կը գտնեն զինք։ Զգուշացի՛ր, որ ոտքդ չմերկանայ եւ կոկորդդ չչորնայ, Բայց դուն ըսիր՝ ‘Յոյս չկայ, Վասն զի օտարները սիրեր եմ Ու անոնց ետեւէն պիտի երթամ’»։ Ինչպէս գողը բռնուած ատեն կ’ամչնայ, Այսպէս պիտի ամչնան Իսրայէլի տունը, Իրենք, իրենց թագաւորներն ու իշխանները Եւ քահանաներն ու մարգարէները, Որոնք փայտին կ’ըսեն. ‘Դուն իմ հայրս ես’ Ու քարին՝ ‘Դուն զիս ծնար’, Քանզի ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես. Բայց իրենց ձախորդութեան ժամանակը կ’ըսեն. ‘Ելի՛ր ու մեզ ազատէ՛’։ Բայց ո՞ւր են քու աստուածներդ, որոնք քեզի շինեցիր։ Եթէ քու ձախորդութեանդ ժամանակը քեզ կրնան ազատել, թող ելլեն։ Վասն զի քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա, Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան»։ «Ի՞նչու համար ինծի հետ կը վիճիք. Դուք ամէնքդ ինծմէ ապստամբեցաք», կ’ըսէ Տէրը։ «Պարապ տեղ ձեր տղաքը ծեծեցի։ Անոնք չխրատուեցան։ Ձեր սուրը գիշատիչ առիւծի պէս Ձեր մարգարէները կերաւ։ Ո՛վ ազգ, Տէրոջը խօսքին նայէ. Միթէ ես անապա՞տ եղայ Իսրայէլի, Կամ մութ երկի՞ր մը։ Իմ ժողովուրդս ինչո՞ւ կըսէ. ‘Մենք ինքնագլուխ կը պտըտինք, Անգամ մըն ալ քեզի պիտի չգանք’»։ Միթէ կոյսը իր զարդերը, Կամ հարսը իր գօտին կը մոռնա՞յ. Բայց իմ ժողովուրդս երկար օրեր զիս մոռցաւ։ Սէր փնտռելու համար՝ ինչո՞ւ քու ճամբադ աղէկ կը շտկես, Այնպէս որ քու ճամբաներդ չար կիներուն ալ սորվեցուցիր։ Նաեւ քու քղանցքներուդ վրայ Անմեղ աղքատներու հոգիներուն արիւնները գտնուեցան։ Զանոնք գաղտուկ տեղեր չգտայ, Հապա բոլոր բաներուն վրայ։ Բայց դուն կ’ըսես. ‘Անմեղ ըլլալուս համար Անոր բարկութիւնը անշուշտ ինծմէ պիտի դառնայ’։ Ահա ես քեզի հետ դատ պիտի վարեմ ‘Ես մեղք չգործեցի’ ըսելուդ համար։ Ինչո՞ւ ճամբադ փոխելով այսչափ կը թափառիս. Դուն Եգիպտոսէն ալ պիտի ամչնաս, Ինչպէս Ասորեստանէն ամչցար։ Դուն ասկէ՛ ալ պիտի ելլես Ձեռքերդ գլխուդ վրայ դրած, Քանզի Տէրը քու յոյսերդ մերժեց Ու անոնցմով յաջողութիւն պիտի չունենաս»։ «Եթէ մարդ մը իր կինը արձակէ Եւ կինը անոր քովէն երթայ եւ ուրիշ այր մը առնէ, Անգամ մըն ալ այն կնոջ կը դառնա՞յ։ Այն երկիրը բոլորովին չի՞ պղծուիր։ Բայց դո՛ւն, թէեւ շատ հոմանիներու հետ շնութիւն ըրիր, Նորէն ինծի դարձիր, կ’ըսէ Տէրը։ Աչքերդ բլուրներուն վերցո՛ւր ու նայէ՛, Ո՞ւր պոռնկութիւն չըրիր։ Դուն անոնց համար ճամբաներուն վրայ նստար՝ Անապատի Արաբացիին պէս Եւ քու պոռնկութիւններովդ ու չարութիւններովդ երկիրը պղծեցիր։ Ուստի անձրեւները խափանուեցան Ու վերջին անձրեւը չեկաւ։ Քու ճակատդ պոռնիկի ճակատի պէս եղաւ, Ամօթը մէկդի ձգեցիր։ Միթէ ասկէ ետքը ինծի պիտի չաղաղակե՞ս՝ ըսելով. ‘Ո՛վ Հայր իմ, դուն ես իմ մանկութեանս առաջնորդը’։ Միթէ յաւիտեան պիտի բարկանա՞յ, Կամ իր սրտմտութիւնը միշտ պիտի պահէ՞։ Ահա դուն այսպէս խօսեցար Եւ քու կրցածիդ չափ չարութիւն գործեցիր»։ Յովսիա թագաւորին օրերը Տէրը ինծի ըսաւ. «Ապստամբ Իսրայէլի ըրածը տեսա՞ր. Անիկա ամէն բարձր լերան վրայ Ու ամէն կանանչ ծառի տակ գնաց Եւ հոն շնութիւն ըրաւ։ Անիկա այս բոլոր բաները ընելէն ետքը Ըսի. ‘Ինծի դարձիր’, բայց անիկա չդարձաւ Եւ անոր ուխտադրուժ քոյրը՝ Յուդան՝ ասիկա տեսաւ։ Երբ ապստամբ Իսրայէլի շնութիւն ընելուն պատճառով Զանիկա արձակեցի եւ արձակման թուղթը անոր տուի, Տեսայ թէ անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդան չվախցաւ, Հապա գնաց ինք ալ շնութիւն ըրաւ։ Անիկա իր շնութեան լրբութիւնովը երկիրը պղծեց, Քանզի քարի ու փայտի հետ շնութիւն ըրաւ։ Բայց եւ այնպէս անոր ուխտադրուժ քոյրը Յուդան ալ Բոլոր սրտովը ինծի չդարձաւ, Հապա ստութեամբ դարձաւ », կ՛ըսէ Տէրը։ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ապստամբ Իսրայէլը ուխտադրուժ Յուդայէն աւելի զինք արդարացուց։ Գնա՛, այս խօսքերը դէպի հիւսիս կանչելով ըսէ՛. ‘Դարձի՛ր, ո՛վ ապստամբ Իսրայէլ’, կ’ըսէ Տէրը, ‘Իմ բարկութիւնս ձեր վրայ չեմ թափեր. Քանզի ես ողորմած եմ’, կ’ըսէ Տէրը, ‘Յաւիտեան ոխ չեմ պահեր. Միայն թէ քու ունայնութիւնդ ճանչցիր, Որ քու Տէր Աստուծոյդ դէմ ապստամբեցար։ Եւ ամէն կանանչ ծառի տակ Քու ճամբաներդ օտարներուն տարածեցիր Ու իմ խօսքիս հնազանդութիւն չըրիր’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Դարձէ՛ք, ո՛վ ապստամբ որդիներ’, կ’ըսէ Տէրը։ Քանզի թէեւ ձեզ մերժեցի, Բայց՝ ՝ ձեզ պիտի առնեմ, ամէն մէկ քաղաքէ մէկ հոգի, Ամէն մէկ ազգատոհմէ երկու հոգի Ու ձեզ Սիօն պիտի բերեմ։ Ձեզի իմ սրտիս յարմար հովիւներ պիտի տամ, Որոնք ձեզ գիտութեամբ եւ հանճարով պիտի հովուեն’։ ‘Երբ դուք այն օրերը երկրի վրայ շատնաք ու աճիք’, կ’ըսէ Տէրը, Անգամ մըն ալ ‘Տէրոջը ուխտին տապանակը’ պիտի չըսեն։ Անիկա մէկո՛ւն միտքը պիտի չգայ Ու զանիկա պիտի չյիշեն, Անոր այցելութիւն պիտի չընեն. Այս բաները անգամ մըն ալ պիտի չըլլան։ Այն ատեն Երուսաղէմը ‘Տէրոջը աթոռը’ պիտի անուանեն Եւ բոլոր ազգերը հոն՝ Տէրոջը անուանը համար Երուսաղէմ պիտի հաւաքուին. Անգամ մըն ալ իրենց չար սրտին կամակորութեանը ետեւէն պիտի չերթան։ Այն օրերը Յուդային տունը Իսրայէլին տանը հետ պիտի միանայ Ու երկուքը մէկտեղ հիւսիսի երկրէն Անոնց հայրերուն ժառանգութիւն տուած երկիրս պիտի գան’։ Բայց ես ըսի. ‘Քեզ ի՞նչպէս որդիներուն մէջ դնեմ Եւ քեզի այն ցանկալի երկիրը, Ազգերուն խիստ գեղեցիկ ժառանգութիւնը տամ’ Ու ըսի. ‘Ինծի «Հայր իմ» պիտի աղաղակես Եւ ինծի հետեւելէն ետ պիտի չդառնաս’։ ‘Իրաւցընէ, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Ինչպէս կին մը իր էրկանը անհաւատարիմ կ’ըլլայ, Այնպէս ալ դուք ինծի անհաւատարիմ եղաք’, կ’ըսէ Տէրը։ Բլուրներուն վրայ ձայն մը լսուեցաւ, Իսրայէլի որդիներուն աղաչանքի ու լացի ձայնը. Վասն զի անոնք իրենց ճամբան խոտորցուցին, Իրենց Տէր Աստուածը մոռցան։ «Ո՛վ ապստամբ որդիներ, դարձէ՛ք, Ես ձեր ապստամբութիւնները պիտի բժշկեմ»։ «Ահա մենք քեզի կու գանք, Քանզի դուն մեր Տէր Աստուածն ես։ Յիրաւի բլուրներու Եւ լեռներու բազմութեան յուսալը պարապ բան է. Հապա Իսրայէլի փրկութիւնը մեր Տէր Աստուծմէն է։ Վասն զի մեր մանկութենէն ի վեր մեր հայրերուն վաստակը, Անոնց հօտերը եւ արջառները, Անոնց տղաքներն ու աղջիկները ամօթը կերաւ։ Մեր ամօթովը կը պառկինք Ու մեր անարգանքը մեզ կը ծածկէ. Վասն զի մեր մանկութենէն մինչեւ այսօր Թէ՛ մենք եւ թէ՛ մեր հայրերը Մեր Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցինք Ու մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդութիւն չըրինք»։ «Եթէ դառնաս, ո՛վ Իսրայէլ, կ’ըսէ Տէրը, Ինծի՛ եթէ դառնաս։ Եթէ քու պղծութիւններդ իմ առջեւէս վերցնես, Ա՛լ թափառական պիտի չըլլաս։ Եթէ ճշմարտութեամբ, իրաւամբ ու արդարութեամբ Երդում ընես թէ ‘Տէրը կենդանի է’, Ազգերը անով պիտի օրհնուին Ու անով պիտի պարծենան»։ Վասն զի Տէրը Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդոց այսպէս կ’ըսէ. «Չմշակուած երկիրներ հերկեցէք ձեզի Ու փուշերու մէջ մի՛ ցանէք։ Ո՛վ Յուդայի մարդիկ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, Տէրոջը թլփատուեցէք Եւ ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէ՛ք, Որ չըլլայ թէ իմ բարկութիւնս ձեր չար գործերուն համար Կրակի պէս բորբոքի ու այրէ եւ մարող մը չըլլայ»։ «Յուդայի մէջ պատմեցէ՛ք Ու Երուսաղէմի մէջ քարոզեցէ՛ք ու ըսէ՛ք, Երկրի վրայ փո՛ղ հնչեցուցէք, Բարձրաձայն աղաղակեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. ‘Հաւաքուեցէ՛ք ու պարսպապատ քաղաքները մտէ՛ք’։ Դէպի Սիօն դրօշ վերցուցէ՛ք, Քաշուեցէ՛ք, մի՛ կայնիք. Վասն զի ես չարիք ու մեծ կոտորած պիտի բերեմ հիւսիսէն։ Առիւծը իր որջէն ելաւ Եւ ազգերը ջարդողը տեղէն ելաւ, ճամբայ ինկաւ, Որպէս զի քու երկիրդ աւերակ ընէ. Քաղաքներդ պիտի աւերուին Ու անոնց մէջ բնակիչ պիտի չգտնուի։ Ասոր համար քուրձեր հագէ՛ք Եւ սուգ ընելով ողբացէ՛ք, Վասն զի Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը մեզմէ չդարձաւ»։ «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Թագաւորին սիրտը ու իշխաններուն սիրտը պիտի հատնի. Քահանաները պիտի յիմարանան, Մարգարէները պիտի ապշին»։ Այն ատեն ըսի. «Աւա՜ղ, ո՛վ Տէր Եհովա, Արդարեւ դուն այս ժողովուրդը ու Երուսաղէմը խաբելով խաբեցիր՝ ըսելով. ‘Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’. Մինչդեռ սուրը մինչեւ անոնց հոգին հասաւ»։ Այն ատեն այս ժողովուրդին ու Երուսաղէմին պիտի ըսուի. «Այրող հով մը անապատին բլուրներէն կը փչէ Իմ ժողովուրդիս աղջկան ճամբուն մէջ, Ո՛չ թէ հոսելու համար, ո՛չ ալ մաքրելու համար։ Սաստիկ հով մը պիտի գայ ինծի։ Հիմա ես ալ անոնց հետ դատաստաններով պիտի խօսիմ»։ Ահա անիկա ամպերու պէս պիտի ելլէ Եւ անոր կառքերը՝ մրրիկի պէս։ Անոր ձիերը արծիւներէն աւելի արագընթաց են։ Վա՜յ մեզի, որ կ’աւերուինք։ Ո՛վ Երուսաղէմ, սիրտդ չարութենէ լուա՛, Որպէս զի փրկութիւն գտնես։ Քու չար խորհուրդներդ մինչեւ ե՞րբ սրտիդ մէջ պիտի մնան։ Վասն զի ձայն մը Դանէն լուր կը բերէ Ու Եփրեմի լեռնէն թշուառութիւն լսել կու տայ։ Ասիկա ազգերուն յիշեցուցէք, Եւ Երուսաղէմին իմացուցէ՛ք, «Հեռաւոր երկրէ պաշարողներ կու գան, Յուդայի քաղաքներուն վրայ իրենց ձայնը կ’արձակեն։ Անոր չորս կողմը ագարակի պահապաններու պէս պիտի պաշարեն, Վասն զի անիկա ինծմէ ապստամբեցաւ, կ’ըսէ Տէրը։ Այս բաները քու ճամբաներդ ու գործերդ բերին քու վրադ. Ասիկա քու չարութիւնդ է, վասն զի դառն է. Որովհետեւ մինչեւ քու սիրտդ հասաւ»։ «Փորը՜ս, փորը՜ս, մինչեւ սրտիս շտեմարանները ցաւ կը զգամ. Սիրտս իմ ներսիդիս կը խռովի, չեմ կրնար լռել. Քանզի դուն, ո՛վ իմ անձս, փողին ձայնը Եւ պատերազմին աղաղակը լսեցիր։ Կոտորած կոտորածի կը հետեւի, Վասն զի բոլոր երկիրը կործանուեցաւ. Վրաններս յանկարծակի Ու խորաններս մէկէն կործանուեցան. Մինչեւ ե՞րբ դրօշը պիտի տեսնեմ Եւ փողին ձայնը պիտի լսեմ։ Քանզի իմ ժողովուրդս յիմար է, զիս չճանչցան. Անոնք անմիտ զաւակներ են, Անոնց քով հանճար չկայ. Անոնք չարութիւն ընելու համար իմաստուն են, Բայց աղէկութիւն ընել չեն գիտեր»։ Երկրին նայեցայ եւ ահա անձեւ ու պարապ էր. Երկնքին նայեցայ ու լոյս չունէր։ Լեռներուն նայեցայ եւ ահա կը դողային Ու բոլոր բլուրները կը սարսէին։ Նայեցայ եւ ահա մարդ չկար Ու երկնքին բոլոր թռչունները փախած էին։ Նայեցայ եւ ահա պտղաբեր երկիրը անապատ եղած էր Ու բոլոր քաղաքները Տէրոջը երեսէն, Անոր սաստիկ բարկութեան երեսէն փլած էին։ Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Բոլոր երկիրը պիտի աւերուի, Բայց բոլորովին աւերակ պիտի չընեմ։ Ասոր վրայ երկիրը սուգ պիտի բռնէ Ու վերէն երկինքը պիտի խաւարի. Վասն զի խօսեցայ, որոշեցի Եւ պիտի չզղջամ ու անկէ ետ պիտի չդառնամ»։ Ձիաւորներուն եւ աղեղնաւորներուն ձայնէն Բոլոր քաղաքը պիտի փախչի։ Անոնք թանձրախիտ անտառներու մէջ պիտի մտնեն Ու ապառաժներու վրայ պիտի ելլեն։ Բոլոր քաղաքները պիտի լքուին Եւ անոնց մէջ մարդ պիտի չբնակի։ Ու դո՛ւն, ո՛վ աւերուած, ի՞նչ պիտի ընես. Թէեւ կարմիրներ հագնիս Եւ քեզ ոսկի զարդերով զարդարես Ու աչքերուդ վրայ շատ ծարոյր ալ դնես՝ ՝, Պարապ տեղը պիտի ըլլայ։ Քու հոմանիներդ քեզ մերժեցին եւ քու անձդ կը փնտռեն։ Քանզի ձայն մը լսեցի ծննդական կնոջ ձայնին պէս Ու իր անդրանիկը ծնանողին երկունքին պէս. Սիօնի աղջկան ձայնը, որ կը հառաչէ ու ձեռքերը բանալով կ’ըսէ. «Հիմա վա՜յ ինծի, Քանզի սպաննողներուն առջեւ հոգիս նուազեցաւ»։ Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ պտըտեցէ՛ք, Նայեցէ՛ք ու գիտցէ՛ք Անոր հրապարակներուն մէջ փնտռեցէ՛ք. Եթէ մարդ մը կրցա՞ք գտնել, Եթէ իրաւունք ընող, ճշմարտութիւն փնտռող մը կա՞յ, Ես այն քաղաքին թողութիւն ընեմ։ Թէեւ «Տէրը կենդանի է», կ’ըսեն, Բայց ստութեամբ երդում կ՛ընեն։ Ո՛վ Տէր, միթէ քու աչքերդ ճշմարտութեան չե՞ն նայիր։ Զանոնք ծեծեցիր, բայց ցաւ մը չզգացին, Զանոնք հատցուցիր, բայց խրատ մը ընդունիլ չուզեցին, Իրենց երեսը ապառաժէն աւելի կարծրացուցին Եւ դառնալ չուզեցին։ Ու ես ըսի. «Իրաւցընէ անոնք աղքատ են, Անոնք անմիտ են, քանզի Տէրոջը ճամբան, Իրենց Աստուծոյն օրէնքը չեն գիտեր։ Ես մեծերուն պիտի երթամ Եւ անոնց հետ պիտի խօսիմ, Վասն զի անոնք Տէրոջը ճամբան Եւ իրենց Աստուծոյն օրէնքը գիտեն»։ Բայց ահա անոնք ալ լուծը կոտրեցին, Կապերը փրցուցին։ Անոր համար անտառին առիւծը պիտի մեռցնէ զանոնք, Անապատներուն գայլը՝ ՝ պիտի սատկեցնէ զանոնք, Անոնց քաղաքներուն վրայ ինձը պիտի հսկէ, Անոնցմէ դուրս ելլողը պիտի գիշատուի. Վասն զի անոնց յանցանքները շատցան Ու անոնց ապստամբութիւնները բազմացան։ «Ասոր համար ի՞նչպէս կրնամ քեզի ներել». Քու որդիներդ զիս լքեցին Եւ չաստուածներով երդում ըրին։ Երբ զանոնք կշտացուցի, անոնք շնութիւն ըրին Եւ բազմութեամբ պոռնկանոց գացին։ Առտուն գիրցած ձիերու պէս են, Ամէն մարդ իր դրացիին կնոջ կը վրնջէ։ «Միթէ այս բաներուն համար պիտի չպատժե՞մ զանոնք, Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։ «Անոր պարիսպներուն վրայ ելէ՛ք ու կործանեցէ՛ք, Բայց ո՛չ բոլորովին։ Անոր մարտկոցները վերցուցէ՛ք, Վասն զի անոնք Տէրոջը չեն։ Քանզի Իսրայէլին տունը եւ Յուդային տունը Ինծի խիստ անհաւատարիմ եղան», կ’ըսէ Տէրը։ «Անոնք Տէրը ուրացան ու ըսին. ‘Անիկա չէ Ու մեր վրայ չարիք պիտի չգայ, Սուր ու սով պիտի չտեսնենք։ Մարգարէները հովի պէս են Ու անոնց բերանը Տէրոջը խօսքը չկայ. Անոնց այնպէս պիտի ըլլայ’»։ Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Քանի որ դուք այսպէս խօսեցաք, Ահա ես իմ խօսքերս քու բերնիդ մէջ՝ կրակ Եւ այս ժողովուրդը փայտ պիտի ընեմ, Որ զանոնք սպառէ»։ «Ահա ես ձեր վրայ հեռուէն ազգ մը կը բերեմ, Ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէրը. Անիկա զօրաւոր ազգ է, Անիկա հին ազգ է, Այնպիսի ազգ մըն է, որուն լեզուն չես գիտեր Ու խօսածը չես հասկնար։ Անոնց կապարճները բաց գերեզմանի պէս են, Բոլորն ալ զօրաւոր մարդիկ են։ Անիկա պիտի ուտէ քու հունձքդ Ու քու տղաքներուդ ու աղջիկներուդ ուտելու հացը։ Քու հօտերդ եւ արջառներդ պիտի ուտէ, Քու այգիներդ ու թզենիներդ պիտի ուտէ, Քու պարսպապատ քաղաքներդ, որոնց ապաւինած ես, Սուրով պիտի աւերէ»։ «Բայց այն օրերն ալ, կ’ըսէ Տէրը, Ձեզ պիտի չհատցնեմ։ Եւ եթէ ըսէք՝ ‘Ի՞նչ պատճառով մեր Տէր Աստուածը այս բոլոր բաները ըրաւ մեզի’, Դուն անոնց ըսէ. ‘Ինչպէս դուք զիս թողուցիք Ու ձեր երկրին մէջ օտար աստուածներու ծառայութիւն ըրիք, Այնպէս ալ դուք ձերը չեղած երկրին մէջ Օտարներու ծառայութիւն պիտի ընէք’»։ Ասիկա Յակոբին տանը մէջ պատմեցէք Ու Յուդային մէջ հրատարակելով՝ ըսէք. «Հիմա մտիկ ըրէ՛ք ասիկա, Ո՛վ յիմար ու անմիտ ժողովուրդ, Որ աչքեր ունիք, բայց չէք տեսներ. Ականջներ ունիք, բայց չէք լսեր։ ‘Ինծմէ պիտի չվախնա՞ք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘Իմ երեսէս պիտի չդողա՞ք, Որ յաւիտենական հրամանով մը աւազը ծովուն սահման դրի Եւ անկէ չանցնիր. Թէեւ անոր ալիքները կը յարձակին, բայց չեն կրնար յաղթել, Թէեւ անոնք կը գոռան, բայց անկէ չեն կրնար անցնիլ։ Սակայն այս ժողովուրդը անհնազանդ ու ապստամբ սիրտ մը ունի, Անոնք երթալով իրենց ճամբան ծռեցին Եւ իրենց սրտին մէջ չըսին՝ ‘Մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք, Որ անձրեւը, առաջին ու վերջին անձրեւը իր ատենին կու տայ Եւ հունձքի համար որոշուած շաբաթները մեզի կը պահէ’»։ Ձեր անօրէնութիւնները հեռացուցին այս բաները, Ձեր մեղքերը դադրեցուցին բարիքը։ Վասն զի իմ ժողովուրդիս մէջ ամբարիշտներ գտնուեցան. Անոնք որսորդներու կծկտուելուն պէս դարանամուտ կ’ըլլան, Որոգայթ կը լարեն, մարդիկ կը բռնեն։ Ինչպէս վանդակը թռչուններով լեցուն է, Այնպէս անոնց տուները նենգութեամբ լեցուն են. Անոր համար անոնք մեծցան ու հարստացան, Գիրցան, պարարտացան Եւ չարերուն գործերն ալ գերազանցեցին։ Անոնք արդար դատաստան չեն ըներ, Որբին իրաւունքը չեն պաշտպաներ (Բայց եւ այնպէս յաջողութիւն կը գտնեն) Եւ աղքատին դատը չեն տեսներ։ «Միթէ այս բաներուն համար պիտի չպատժե՞մ զանոնք, կ’ըսէ Տէրը, Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։ Երկրին վրայ զարմանալի ու սոսկալի գործ կ’ըլլայ։ Մարգարէները ստութեամբ մարգարէութիւն կ’ընեն, Քահանաները անոնց ձեռքով կ’իշխեն։ Իմ ժողովուրդս այսպէս կ’ախորժի, Բայց ի՞նչ պիտի ընէք, երբ ասոնց վախճանը հասնի ։ Ո՛վ Բենիամինի որդիներ, Երուսաղէմի մէջէն քաշուեցէ՛ք Ու Թեկուէի մէջ փող հնչեցուեցէ՛ք, Բեթաքարմայի վրայ նշա՛ն վերցուցէ՛ք, Վասն զի հիւսիսէն չարիք ու մեծ կոտորած կ’երեւնայ։ Սիօնին աղջիկը գեղեցիկ ու փափուկ կնոջ մը նմանցուցի։ Հովիւները եւ անոնց հօտերը անոր պիտի երթան, Անոր շուրջը վրաններ պիտի կանգնեցնեն։ Ամէն մէկը իր սահմանին մէջ պիտի հովուէ։ «Անոր վրայ պատերազմ պատրաստեցէք. Ելէ՛ք ու կէսօրին ելենք. Վա՜յ մեզի, վասն զի օրը կ՛անցնի Եւ իրիկուան ստուերները կ’երկննան»։ «Ելէ՛ք ու գիշերով ելլենք Եւ անոր բերդերը կործանենք»։ Վասն զի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ծառեր կտրեցէ՛ք ու Երուսաղէմի դէմ պատնէշ կանցնեցուցէ՛ք։ Ասիկա պատժուելու արժանի քաղաք մըն է, Բոլորովին հարստահարութեամբ լեցուած է։ Ինչպէս ջրհորը իր ջուրերը կը բղխեցնէ, Անիկա ալ իր չարութիւնը այնպէս կը բղխեցնէ։ Անոր մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը տեսնուի, Իմ առջեւս միշտ ցաւեր ու հարուածներ կան։ Ո՛վ Երուսաղէմ, խրատուէ՛, Չըլլա՛յ թէ իմ հոգիս քեզմէ զատուի. Չըլլա՛յ թէ քեզ աւերակ եւ անբնակ երկիր մը դարձնեմ»։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի մնացորդները այգիի պէս Բոլորովին ճռաքաղ պիտի ընեն. Քու ձեռքդ՝ կթողի պէս կողովներուն դարձուր»։ Որո՞ւ խօսիմ ու վկայութիւն ընեմ, որ լսեն։ Ահա անոնց ականջները անթլփատ են Եւ չեն կրնար մտիկ ընել։ Ահա Տէրոջը խօսքը անոնց առջեւ անարգուեցաւ, Անկէ չեն ախորժիր։ Սակայն Ես Տէրոջը բարկութիւնովը լեցուած եմ, Ինքզինքս զսպելէն յոգնեցայ։ « Զանիկա դուրսը պիտի թափեմ տղաքներուն վրայ Ու նաեւ երիտասարդներուն ժողովին վրայ. Քանզի այր ու կին մարդը, Ծերն ու տարիքը առածը պիտի բռնուին։ Եւ անոնց տուները, ագարակներն ու կիները մէկտեղ Օտարներուն ձեռքը պիտի անցնին։ Վասն զի երկրին բնակիչներուն վրայ Իմ ձեռքս պիտի երկնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Վասն զի անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը Ամէնքը ագահութեան ետեւէ եղան Ու մարգարէէն մինչեւ քահանան Ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։ Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝ ‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն, Երբ խաղաղութիւն չկայ։ Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ՛ամչնա՞ն։ Բնաւ չեն ամչնար Ու պատկառիլ չեն գիտեր։ Անոր համար ինկածներուն մէջ պիտի իյնան, Անոնց այցելութիւն ըրած ատենս պիտի գլորին», կ’ըսէ Տէրը։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ճամբաներու վրայ կայնեցէ՛ք ու նայեցէ՛ք Եւ հին շաւիղներուն համար հարցուցէք, Թէ ո՞րն է բարի ճամբան Ու անոր մէջէն քալեցէք, Որպէս զի ձեր հոգիներուն հանգիստը գտնէք. Բայց անոնք ըսին. ‘ Անոր մէջէն պիտի չքալենք’։ Ձեր վրայ դէտեր դրի, ըսելով. ‘Փողին ձայնին մտիկ ըրէք’. Բայց անոնք ըսին. ‘Մտիկ պիտի չընենք’։ Ուրեմն, ո՜վ ազգեր, լսեցէ՛ք. Ո՛վ ժողովուրդ, անոնց մէջ եղած բանը գիտցի՛ր։ Լսէ՛, ո՛վ երկիր, Ահա ես այս ժողովուրդին վրայ՝ չարիք պիտի բերեմ Իբր անոնց խորհուրդներուն պտուղը, Վասն զի իմ խօսքերուս մտիկ չըրին Եւ իմ օրէնքս ալ մերժեցին։ Ինչո՞ւ ինծի Սաբայէն կնդրուկ գայ Ու հեռաւոր երկրէ՝ անուշահոտ խունկեղէգն։ Ձեր ողջակէզները ընդունելի չեն Եւ ձեր զոհերը ինծի հաճելի չեն։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս ժողովուրդին առջեւ խոչեր պիտի դնեմ Ու հայրերը որդիներուն հետ մէկտեղ անոնց զարնուելով պիտի գլորին. Դրացին ու բարեկամը պիտի կորսուին’»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա հիւսիսի երկրէն ժողովուրդ մը կու գայ Ու երկրի ծայրերէն մեծ ազգ մը կ’ելլէ։ Անոնք աղեղ եւ նիզակ կը կրեն, Անոնք անգութ ու անողորմ են։ Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ, Անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն Ու պատերազմիկի պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ դուստր Սիօնի»։ Անոր լուրը լսեցինք, Ձեռքերնիս թուլցան Եւ ցաւերը մեզ պաշարեցին՝ Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։ Արտերը մի՛ ելլէք ու ճամբաները մի՛ պտըտիք. Վասն զի չորս կողմը թշնամիի սուրն ու վախը կայ։ Ով իմ ժողովուրդիս աղջիկը, քո՛ւրձ հագիր Եւ մոխիրի մէջ թաւալէ Ու խիստ դառն ողբով լաց, Ինչպէս մէկ հատիկ տղու վրայ կու լան, Վասն զի կործանողը յանկարծ մեր վրայ պիտի գայ։ «Քեզ իմ ժողովուրդիս վրայ փորձիչ կարգեցի իբր բերդ, Որպես զի անոնց ճամբան գիտնաս եւ փորձես։ Ամէնքը կամակոր ապստամբներ են, Բանսարկութեան կը պտըտին, պղինձ ու երկաթ են. Ամէնքը ապականած են։ Փքոցը այրեցաւ, Կապարը կրակէն հատաւ. Արծաթագործը պարապ տեղ կ’աշխատի, Վասն զի չարերը չվտարուեցան։ Անոնք Անպիտան արծաթ պիտի կոչուին, Վասն զի Տէրը զանոնք մերժեց»։ Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ. «Տէրոջը տանը դուռը կեցիր Ու հոն այս խօսքը կանչէ՛ ու ըսէ. ‘Տէրոջը խօսքին մտի՛կ ըրէք, ո՛վ բոլոր Յուդա Որ այս դռներէն կը մտնէք Տէրոջը երկրպագութիւն ընելու համար’»։ Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը կ’ըսէ. «Ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէ՛ք, Որպէս զի թողում, որ այստեղ բնակիք։ Դուք մի՛ ապաւինիք սուտ խօսքերու, որ կ’ըսեն. ‘Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը, Տէրոջը տաճարը այս է’։ «Քանզի եթէ ձեր ճամբաներն ու գործերը ճշմարտապէս ուղղէք Եւ եթէ մարդուն ու անոր ընկերին մէջտեղ Իրաւունքը զգուշութեամբ գործադրէք, Պանդուխտին, որբին ու որբեւարիին զրկանք չընէք Ու անմեղ արիւն չթափէք Եւ օտար աստուածներու ետեւէ չերթաք Որ ձեզի չարիքի պատճառ կ’ըլլայ, Այն ատեն այստեղ՝ ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ՝ Պիտի բնակեցնեմ ձեզ յաւիտեանս յաւիտենից։ «Ահա դուք սուտ խօսքերու կ’ապաւինիք, Որոնք չեն կրնար օգուտ մը ընել։ Արդեօք գողութիւն, մարդասպանութիւն եւ շնութիւն ընելով, Սուտ երդում ընելով եւ Բահաղին խունկ ծխելով, Ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով Կրնա՞ք գալ ու իմ առջեւս կայնիլ այս տանը մէջ, Որ իմ անունովս կոչուած է Եւ ըսել՝ ‘Ազատուեցանք, որպես զի այս բոլոր պղծութիւնները ընենք’։ «Այս տունը, որ իմ անունովս կոչուած է, Միթէ ձեր աչքերուն առջեւ աւազակներու քարա՞յր եղաւ։ ‘Ահա ես տեսայ’, կ’ըսէ Տէրը։ Բայց հիմա Սելովի մէջ գտնուած տեղս գացէք, Հոն՝ ուր առաջին անգամ իմ անունս հաստատեցի Եւ տեսէք թէ ի՞նչ ըրեր եմ անոր, Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի չարութեան պատճառով։ «Ու հիմա՝ որովհետեւ այս բոլոր գործերը ըրիք՝ կ’ըսէ Տէրը, Ու երբ ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց դուք մտիկ չըրիք, Ձեզ կանչեցի, բայց դուք պատասխան չտուիք. Ես ալ այս ձեր ապաւինած տանը, Որ իմ անունովս կոչուած է Եւ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած տեղիս Պիտի ընեմ այնպէս՝ ինչպէս Սելովին ըրի։ Ինչպէս ձեր բոլոր եղբայրները, Եփրեմի բոլոր սերունդը վռնտեցի, Այնպէս ալ ձեզ իմ առջեւէս պիտի վռնտեմ’»։ «Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներ Եւ անոնց համար աղաղակ ու աղաչանք մի՛ մատուցաներ Ու բարեխօսութիւն մի՛ ըներ, Քանզի քեզի մտիկ պիտի չընեմ։ Դուն չե՞ս տեսներ թէ անոնք ի՛նչ կ’ընեն Յուդայի քաղաքներուն եւ Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ։ Տղաքները փայտ կը հաւաքեն, Հայրերը կրակ կը վառեն, Կիները խմոր կը շաղեն՝ Երկնքի թագուհիին բլիթներ շինելու համար Եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանեն, Որպէս զի զիս բարկացնեն»։ «Միթէ անոնք զի՞ս կը բարկացնեն, կ’ըսէ Տէրը, Չէ՞ որ իրենց անձը կը խռովեն իրենց երեսին ամօթին համար»։ Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան. «Ահա իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս Այս տեղին վրայ պիտի թափին՝ Մարդու վրայ եւ անասունի վրայ Ու դաշտի ծառերուն վրայ Ու երկրի պտուղներուն վրայ՝ Եւ պիտի բռնկի ու պիտի չմարի»։ Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր ողջակէզները ձեր զոհերուն վրայ աւելցուցէ՛ք եւ մի՛ս կերէք։ Վասն զի ձեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն հանած օրս, Անոնց բան մը չըսի ողջակէզի ու զոհի մասին, Ո՛չ ալ անոնց հրամայեցի. Բայց անոնց հետեւեալը հրամայեցի ու ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէք։ Ես ձեզի Աստուած ըլլամ Ու դուք ինծի ժողովուրդ եղէք։ Ձեզի հրամայուած ճամբաներուն մէջէն քալեցէք, Որպէս զի ձեզի աղէկ ըլլայ’։ Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջ չկախեցին, Հապա իրենց չար սրտին կամակորութիւնովը Իրենց խորհուրդներուն հետեւեցան Ու ե՛տ գացին եւ ո՛չ թէ յառաջ։ Ձեր հայրերուն Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէն մինչեւ այսօր Իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի։ Ամէն օր կանուխ ելլելով կը ղրկէի Ու ինծի մտիկ չըրին եւ ականջ չկախեցին, Հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, Իրենց հայրերէն աւելի չար եղան»։ «Դուն այս բոլոր խօսքերը անոնց պիտի ըսես, Բայց քեզի մտիկ պիտի չընեն։ Զանոնք պիտի կանչես, Բայց քեզի պատասխան պիտի չտան։ Այն ատեն անոնց ըսէ՛. ‘Իր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չընող Ու խրատ չընդունող ազգը ասիկա է։ Ճշմարտութիւնը կորսուեցաւ ու անոնց բերնէն կտրուեցաւ’։ «Մազերդ կտրէ՛ ու նետէ՛, ո՛վ Երուսաղէմ Եւ բլուրներուն վրայ ողբա՛. Քանզի Տէրը մերժեց ու երեսէ ձգեց այն ազգը Որուն դէմ շատ սրդողեր էր»։ «Յուդային որդիները իմ առջեւս չարութիւն գործեցին, կ՛ըսէ Տէրը, Իրենց գարշելի բաները իմ անունովս կոչուած տանը մէջ դրին, Որպէս զի զանիկա պղծեն։ Ենովմի որդիին ձորին մէջ եղող Տօփեթին բարձր տեղեր շինեցին՝ Իրենց տղաքն ու աղջիկները կրակով այրելու համար, Որ անոնց չհրամայեցի ու մտքէս ալ անցած չէր»։ «Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Որ ա՛լ Տօփեթ կամ Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի, Հապա՝ Սպանութեան ձոր Եւ Տօփեթի մէջ մեռելներ պիտի թաղեն մինչեւ որ ա՛լ տեղ չմնայ՝ ՝։ Ու այս ժողովուրդին դիակները Երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան Եւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։ Ու Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի փողոցներէն Ցնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը, Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ, Վասն զի երկիրը պիտի ամայանայ»։ «Այն ժամանակ, կ’ըսէ Տէրը, Յուդայի թագաւորներուն ոսկորները, Անոր իշխաններուն ոսկորները, Քահանաներուն ոսկորները, Մարգարէներուն ոսկորները, Երուսաղէմի բնակիչներուն ոսկորները Իրենց գերեզմաններէն պիտի հանեն Եւ պիտի ցրուեն զանոնք արեւուն առջեւ ու լուսնին առջեւ Եւ երկնքի բոլոր զօրքերուն առջեւ, Որոնք սիրեցին ու անոնց ծառայեցին Եւ անոնց ետեւէն գացին Ու զանոնք փնտռեցին եւ անոնց երկրպագութիւն ըրին։ Անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին, Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան»։ «Մահը կեանքէն աւելի ցանկալի պիտի ըլլայ Այս չար ազգին բոլոր մնացորդներուն, Որոնք մնացեր են այն տեղերը, Ուր զանոնք վռնտեր եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Ու անոնց ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Միթէ անոնք պիտի իյնան ու պիտի չելլե՞ն. Կամ մէկը ճամբայէն կը խոտորի ու ետ չի՞ դառնար’։ Ինչո՞ւ այս Երուսաղէմի ժողովուրդը մշտատեւ խոտորումով խոտորեցաւ։ Անոնք նենգութեան յարեցան, դառնալ չուզեցին։ Ականջ դրի ու մտիկ ըրի, Անոնք շիտակ չեն խօսիր. Մարդ մը չկայ, որ իր չարութեան համար զղջայ Ու ըսէ թէ՝ ‘Ի՛նչ գործեցի’. Ամէնքը իրենց ընթացքին դարձան՝ Պատերազմի վազող ձիու պէս։ Արագիլը անգամ օդին մէջ իր որոշ ժամանակը գիտէ Ու տատրակը եւ կռունկը ու ծիծեռնակը Իրենց գալուստին ժամանակը կը ճշդեն, Բայց իմ ժողովուրդս Տէրոջը դատաստանը չի գիտեր»։ «Ի՞նչպէս կ’ըսէք՝ ‘Մենք իմաստուն ենք Ու Տէրոջը օրէնքը մեր քով է’։ Իրաւցընէ ահա դպիրներուն սուտ գրիչը կը ստէ։ Իմաստունները ամչցան, Անոնք զարհուրեցան ու բռնուեցան, Ահա Տէրոջը խօսքը անարգեցին, Ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ։ Ուստի անոնց կիները՝ օտարներուն, Անոնց ագարակները անոնց տիրողներուն պիտի տամ, Վասն զի պզտիկէն մինչեւ մեծը, ամէնքը ագահութեան ետեւէ եղան. Մարգարէէն մինչեւ քահանան, ամէնքը ստութեամբ կը վարուին։ Եւ իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքը հարեւանցի բժշկելով՝ ‘Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն է’, կ’ըսեն, Երբ խաղաղութիւն չկայ։ Միթէ իրենց պղծութիւն ըրած ատենը կ’ամչնա՞ն։ Բնաւ չեն ամչնար Ու պատկառիլ չեն գիտեր։ Անոր համար ինկածներուն մէջ պիտի իյնան»։ «Անոնց այցելութիւն եղած ատենը պիտի գլորին», կ’ըսէ Տէրը։ «Զանոնք բոլորովին բնաջինջ պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Որթատունկին վրայ խաղող պիտի չըլլայ Եւ թզենիին վրայ թուզ պիտի չըլլայ. Անոնց տերեւներն ալ պիտի թառամին Ու ինչ որ անոնց տուի անոնցմէ պիտի անհետանայ»։ «Մենք ինչո՞ւ կը նստինք. Հաւաքուեցէ՛ք ու պարսպապատ քաղաքներու մէջ մտնենք Եւ հոն լուռ կենանք, Վասն զի մեր Տէր Աստուածը մեզ լռեցուց, Ու մեզի դառնութեան ջուր խմցուց, Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցինք։ Խաղաղութեան սպասեցինք, բայց խռովութիւն եկաւ, Բժշկութեան սպասեցինք, բայց վիրաւորները շատցան։ «Անոր ձիերուն փռնչիւնը Դանէն լսուեցաւ. Անոր երիվարներուն խրխնջիւնէն Բոլոր երկիրը շարժեցաւ։ Վասն զի պիտի գան ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը, Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի ուտեն»։ «Քանզի ահա ձեր մէջ օձեր, Քարբեր պիտի ղրկեմ, որոնք թովչութենէ չեն ազդուիր Եւ ձեզ պիտի խայթեն», կ’ըսէ Տէրը։ Իմ զուարթութիւնս տրտմութեան փոխուեցաւ, Իմ սիրտս ներսիդիս կը մարի։ Ահա հեռաւոր երկրէ եկողներուն պատճառով՝ Իմ ժողովուրդիս աղջկան ողբերուն ձայնը. «Միթէ Տէրը Սիօնի մէջ չէ՞, Անոր Թագաւորը հոն չէ՞»։ Ինչո՞ւ իրենց քանդակած կուռքերովը Ու օտարներուն ունայնութիւններովը զիս բարկացուցին։ Հունձքին ատենը անցաւ, ամառը վերջացաւ, Բայց մենք չփրկուեցանք։ Իմ ժողովուրդիս աղջկան վէրքին համար վշտացայ, Ողբացի ու սոսկումը զիս պատեց։ Միթէ Գաղաադի մէջ բալասան չկա՞յ, Հոն բժիշկ չկա՞յ. Հապա ինչո՞ւ համար իմ ժողովուրդիս աղջիկը բժշկութիւն չգտաւ։ Երանի՜ թէ գլուխս՝ ջուրի Ու աչքերս արցունքի աղբիւր ըլլային, Որպէս զի ցորեկ ու գիշեր լայի Իմ ժողովուրդիս աղջկան սպաննուածներուն համար։ Երանի՜ թէ անապատի մէջ ճամբորդներու իջեւան մը ունենայի, Որպէս զի իմ ժողովուրդս ձգէի ու անոնցմէ հեռանայի. Վասն զի ամէնքը շնացողներ են Ու նենգաւորներու ընկերութիւն են։ Իրենց լեզուները իրենց աղեղներուն պէս կը լարեն ստութեան համար, Բայց ճշմարտութեան համար երկրի վրայ քաջութիւն չունին. Վասն զի չարութենէ չարութիւն կ’երթան Ու զիս չեն ճանչնար, կ’ըսէ Տէրը։ Ամէն մարդ թող իր ընկերէն զգուշանայ։ Բնաւ եղբօր մը մի՛ ապաւինիք. Վասն զի ամէն եղբայր խաբէութիւն կը հնարէ Եւ ամէն ընկեր բանսարկութիւն կ’ընէ Ու ամէն մարդ իր ընկերը կը խաբէ Եւ ճշմարտութիւն չի խօսիր։ Անոնք իրենց լեզուները սուտ խօսելու վարժեցուցած են, Անօրէնութիւն ընելով կը յոգնին։ Քու բնակարանդ նենգութեան մէջ է։ Նենգութեան պատճառով զիս ճանչնալ չեն ուզեր, կ’ըսէ Տէրը։ Անոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա զանոնք պիտի հալեցնեմ ու պիտի փորձեմ, Վասն զի իմ ժողովուրդիս համար ի՞նչ կրնամ ընել։ Անոնց լեզուն մահաբեր նետ է։ Նենգութիւն կը խօսի, Բերնովը իր ընկերին հետ խաղաղութեամբ կը խօսի, Բայց սրտով անոր դարան կը պատրաստէ։ «Միթէ այս բաներուն համար անոնք պիտի չպատժե՞մ, կ’ըսէ Տէրը, Կամ այսպիսի ազգէ մը իմ հոգիս վրէժ պիտի չառնէ՞»։ «Լեռներուն համար լաց ու ողբ Եւ անապատի արօտներուն համար կոծ պիտի ընեմ. Վասն զի այրեցան, անկէ մարդ չ՛անցնիր Ու խաշինքներու ձայն չի լսուիր. Օդին թռչուններէն մինչեւ անասունները փախան, գացին։ Երուսաղէմը՝ աւերակներու դէզեր Եւ չագալներու բնակարան պիտի ընեմ Ու Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի դարձնեմ» Ո՞վ է այն իմաստուն մարդը, որ ասիկա հասկնայ Եւ անոր՝ Աստուծոյ բերանը խօսած ըլլայ, որ ասիկա յայտնէ, Թէ երկիրը ինչո՛ւ համար աւերուեցաւ Ու այրած անապատի պէս եղաւ, Ուրկէ մարդ չանցնիր։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Քանի որ անոնք իմ օրէնքս ձգեցին, Որ իրենց առջեւ դրեր էի Ու իմ ձայնիս մտիկ չընելով՝ անոր համեմատ չքալեցին, Հապա իրենց սրտին կամակորութեանը Եւ հայրերուն իրենց սորվեցուցած Բահաղամին ետեւէն գացին, Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այս ժողովուրդին օշինդր պիտի կերցնեմ Ու անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ։ Զանոնք պիտի ցրուեմ այն ազգերուն մէջ, Որոնք ո՛չ իրենք ճանչցան, ո՛չ ալ իրենց հայրերը։ Անոնց վրայ սուր պիտի ղրկեմ, Մինչեւ որ զանոնք հատցնեմ»։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Մտածեցէ՛ք ու լալկան կիներ կանչեցէ՛ք որ գան Եւ հանճարեղ կիներուն լուր ղրկեցէ՛ք, որ գան Ու մեզի համար շուտով ողբի ձայն բարձրացնեն, Որպէս զի մեր աչքերը արցունքներ իջեցնեն Եւ մեր արտեւանունքները ջուրեր վազցնեն. Քանզի Սիօնէն ողբի ձայն լսուեցաւ. ‘Ի՜նչպէս կործանեցանք, խիստ ամչցանք, Վասն զի երկիրը թողուցինք, Վասն զի թշնամիները հիմնայատակ ըրին մեր բնակարանները’»։ Ուրեմն, ո՛վ կիներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք Եւ ձեր ականջները անոր բերնին խօսքը թող ընդունին Ու ձեր աղջիկներուն ո՛ղբ սորվեցուցէք Եւ ամէն կին իր դրացիին եղերերգութիւն թող սորվեցնէ ։ Վասն զի մահը մինչեւ մեր պատուհանները ելաւ, Մեր պալատները մտաւ, Որպէս զի փողոցներէն՝ տղաքները Ու հրապարակներէն երիտասարդները բնաջինջ ընէ։ Ըսէ թէ «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մարդոց դիակները պիտի իյնան Արտերու երեսին վրայ եղող աղբին պէս, Կամ հնձողներուն ետեւը մնացած խուրձի պէս Եւ պիտի չըլլայ մէկը, որ զանոնք հաւաքէ ’»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իմաստունը իր իմաստութիւնովը թող չպարծի Ու զօրաւորը իր զօրութիւնովը թող չպարծի, Հարուստը իր հարստութիւնովը թող չպարծի. Բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի, Որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ Եւ գիտէ թէ ե՛ս եմ Տէրը, Որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ’ընեմ. Քանզի ես ասոնց կը հաճիմ»։ «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ բոլոր թլփատուածներուն ու անթլփատներուն, Եգիպտոսի եւ Յուդայի ու Եդովմի Եւ Ամմոնի որդիներուն ու Մովաբի Եւ իրենց մօրուքին ծայրերը կտրող՝ ՝ անապատի բոլոր բնակիչներուն Պիտի այցելեմ. Վասն զի բոլոր ազգերը անթլփատ են Ու բոլոր Իսրայէլի տունը սրտով անթլփատ է»։ Ո՛վ Իսրայէլի տուն, Տէրոջը ձեզի համար ըսած խօսքը լսեցէք։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ազգերուն ճամբաները մի՛ սորվիք Ու երկնքի նշաններէն մի՛ զարհուրիք, Վասն զի անոնցմէ հեթանոսները կը զարհուրին։ Քանզի ժողովուրդներուն սովորութիւնները ունայնութիւն են, Քանզի անտառէն փայտ կը կտրեն, Անիկա արուեստագէտին ձեռքերուն գործն է՝ տապարով գործուած ։ Զանիկա արծաթով եւ ոսկիով կը զարդարեն Ու գամերով եւ ուռերով կը գամեն զանիկա ու չի շարժիր։ Անոնք արմաւենիի պէս շիտակ են, բայց չեն խօսիր. Անոնք անշուշտ պիտի վերցուին, վասն զի չեն կրնար քալել։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք, վասն զի չարիք մը չեն կրնար հասցնել, Ո՛չ ալ բարիք ընելու կարող են։ Ո՛վ Տէր, քեզի նման մէ՛կը չկայ. Դուն մեծ ես ու քու անունդ զօրութեամբ մեծ է։ Քեզմէ ո՞վ պիտի չվախնայ, ո՛վ ազգերու Թագաւոր, Քանզի քեզի կը վայլէ. Վասն զի ազգերու բոլոր իմաստուններուն մէջ Եւ անոնց բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ Քեզի նման մէ՛կը չկայ։ Բայց անոնք բոլորովին անբան ու անմիտ են. Անոնց կրօնքը ունայնութեան վարդապետութիւն է, փայտ է։ Թարսիսէն՝ ծեծուած արծաթ Եւ Ոփազէն ոսկի կը բերուի։ Անոնք վարպետի ու ոսկերիչի ձեռքերու գործ են։ Անոնց զգեստը կապուտակ ու ծիրանի է. Բոլորը վարպետներու գործեր են։ Սակայն Եհովան ճշմարիտ Աստուած է, Անիկա կենդանի Աստուած է եւ յաւիտենական Թագաւոր։ Անոր բարկութենէն երկիրը կը դողայ Ու ազգերը անոր սրտմտութեանը չեն դիմանար։ Անոնց այսպէս ըսէք. «Այն աստուածները, որոնք երկինքն ու երկիրը չշինեցին, Երկրէն ու երկինքներուն տակէն պիտի կործանին»։ Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց, Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։ Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։ Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։ Երկրի ծայրերէն շոգիներ կը հանէ. Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ, Հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։ Ամէն մարդ գիտութենէն զրկուած ՝ անասուն դարձաւ. Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ, Վասն զի ձուլուած կուռքը ստութիւն է։ Անոնք հոգի չունին, Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են, Անոնց այցելութիւն եղած ատեն անոնք պիտի կորսուին։ Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ, Վասն զի անիկա ամէն բան Ստեղծողն է։ Իսրայէլ անոր ժառանգութեանը վիճակն է։ Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։ Ո՛վ բերդի մէջ բնակող, Քու ապրանքներդ երկրէն հաւաքէ՛, Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այս անգամ երկրին բնակիչները դուրս պիտի նետեմ Ու զանոնք նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ, որպէս զի զգան»։ Վա՜յ ինծի իմ հարուածիս համար, Իմ վէրքս անդարմանելի է Եւ ես ըսի. «Իրաւցընէ ասիկա ցաւ է Ու զանիկա պիտի կրեմ»։ Իմ վրանս կործանուեցաւ եւ բոլոր չուաններս փրթան. Տղաքներս ինծմէ հեռացան ու չկան. Ասկէ յետոյ վրանս կանգնեցնող Ու վարագոյրներս կախող չկայ։ Վասն զի հովիւները յիմարացան Եւ Տէրը չխնդրեցին. Անոր համար յաջողութիւն չգտան Ու անոնց բոլոր հօտը ցրուեցաւ։ Ահա հիւսիսի երկրէն գուժի ձայն Եւ մեծ խռովութիւն կու գայ, Որպէս զի Յուդայի քաղաքները աւերակ Ու չագալներու բնակարան ընէ։ Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ։ Ո՛վ Տէր, զիս խրատէ, բայց չափաւորութեամբ, Ո՛չ թէ քու բարկութիւնովդ, չըլլայ թէ զիս սպառես։ Քու սրտմտութիւնդ քեզ չճանչցող ազգերուն վրայ Եւ քու անունդ չկանչող ազգատոհմերուն վրայ թափէ. Վասն զի Յակոբը կերան։ Զանիկա կերան ու հատցուցին Եւ անոր բնակավայրը աւերակ դարձուցին։ Ահա խօսքը, որ Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. «Այս ուխտին խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք եւ Յուդայի մարդոցը ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն ալ յայտնեցէ՛ք։ Եւ դուն անոնց ըսէ՛. Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ մտիկ չ’ըներ այն ուխտին խօսքերուն, Որոնք ես ձեր հայրերուն պատուիրեցի Եգիպտոսի երկրէն, այն երկաթի հնոցէն զանոնք հանած օրս ու ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք ու ձեզի հրամայածս գործադրեցէ՛ք, որպէս զի դուք իմ ժողովուրդս ըլլաք ու ես ձեր Աստուածը ըլլամ. Որպէս զի հաստատեմ այն երդումը, որ ձեր հայրերուն ըրի, այնպիսի երկիր մը տալու անոնց, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ’։ Եւ ես պատասխան տուի ու ըսի. ‘Ամէն, ո՛վ Տէր’»։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս բոլոր խօսքերը Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կանչելով՝ ըսէ՛. ‘Այս ուխտին խօսքերուն մտիկ ըրէ՛ք ու զանոնք գործադրեցէք’, Վասն զի ձեր հայրերը խստութեամբ խրատեցի, զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանած օրէս մինչեւ այսօր, կանուխ ելլելով ըսի. ‘Իմ ձայնիս մտիկ ըրէ՛ք’։ Բայց անոնք մտիկ չըրին ու իրենց ականջը չխոնարհեցուցին, հապա ամէն մարդ իր չար սրտին կամակորութեանը համեմատ քալեց, ուստի ես ալ անոնց վրայ պիտի բերեմ այն ուխտին բոլոր խօսքերը, որոնք ես անոնց պատուիրեցի որ ընեն, բայց անոնք չըրին’։ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Յուդայի մարդոցը մէջ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն մէջ դաւաճանութիւն գտնուեցաւ։ Անոնք իմ խօսքերուս մտիկ չընելով՝ իրենց նախահայրերուն անօրէնութիւններուն դարձան եւ օտար աստուածներու ետեւէ գացին, որպէս զի անոնց ծառայութիւն ընեն։ Իսրայէլի տունը ու Յուդայի տունը իրենց հայրերուն հետ ըրած ուխտս աւրեցին’։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այնպիսի չարիք պիտի բերեմ անոնց վրայ, Որմէ կարող պիտի չըլլան ազատիլ։ Ինծի պիտի աղաղակեն, բայց անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։ Յուդայի քաղաքներն ու Երուսաղէմի բնակիչները պիտի երթան, Պիտի աղաղակեն այն աստուածներուն, որոնց խունկ ծխեր էին. Բայց անոնց ձախորդութեան ժամանակը Բնաւ պիտի չազատեն զանոնք։ Քանզի քու աստուածներդ, ո՛վ Յուդա, Քու քաղաքներուդ թիւին չափ եղան, Երուսաղէմի փողոցներուն թիւին չափ։ Ամօթալից կռապաշտութեան համար սեղաններ, Բահաղին խունկ ծխելու համար սեղաններ կանգնեցուցիք։ «Ուստի դուն այս ժողովուրդին համար աղօթք մի՛ ըներ Ու անոնց համար խնդրուածքով ու պաղատանքով մի՛ աղաչեր. Քանզի երբ իրենց վրայ հասած չարիքին համար ինծի աղաղակեն, Անոնց մտիկ պիտի չընեմ։ Իմ սիրելիս ի՞նչ բաժին ունի իմ տանս մէջ, Քանի որ շատերուն հետ անօրէնութիւն՝ ՝ գործեր է. Սուրբ զոհն ալ քեզմէ վերցուեցաւ։ Քանզի դուն քու չարութիւնովդ կ’ուրախանաս։ Տէրը քու անունդ Կանանչ, գեղեցիկ ու բարեպտուղ ձիթենի դրաւ, Բայց անոր վրայ մեծ աղմուկի ձայնով կրակ բռնկցուց Եւ անոր ոստերը սպառեցան։ Քեզ տնկող զօրքերու Տէրը Քեզի չարիք կամեցաւ։ Իսրայէլի տանը ու Յուդայի տանը չարութեանը համար, Որ անոնք գործեցին Եւ Բահաղի խունկ ծխելով՝ զիս բարկացուցին»։ Տէրը ինծի գիտցուց ու զանիկա գիտցայ. Այն ատեն ինծի անոնց չար գործերը ցուցուց։ Բայց ես մորթուելու տարուող ընտանեցած գառի մը պէս էի Ու չէի գիտեր թէ անոնք ինծի համար նենգութիւններ կը հնարէին՝ ըսելով. «Ծառը իր պտուղովը կործանենք Եւ զանիկա կենդանիներուն երկրէն բնաջինջ ընենք, Որ անոր անունը անգամ մըն ալ չյիշուի»։ Սակայն, ո՛վ Տէր զօրութիւններու, արդա՛ր Դատաւոր, Որ սիրտն ու միտքը կը քննես, Անոնցմէ առնելիք վրէժդ ինծի ցուցուր, Քանզի իմ դատս քեզի յանձնեցի։ Ուստի Տէրը այսպէս կ’ըսէ Անաթովթի մարդոցը համար, Որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն ու կ’ըսեն. «Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն մի՛ ըներ, Որպէս զի մեր ձեռքերովը չմեռնիս»։ Անոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես զանոնք պիտի պատժեմ, Կտրիճները սուրով պիտի մեռնին, Անոնց տղաքներն ու աղջիկները սովամահ պիտի ըլլան, Անոնցմէ մէկը պիտի չմնայ. Վասն զի ես Անաթովթի մարդոցը վրայ՝ Անոնց պատուհասի տարին՝ չարիք պիտի բերեմ»։ Ո՛վ Տէր, երբ քեզի դէմ գանգատիմ, դուն արդար պիտի գտնուիս. Սակայն իրաւունքի վրայով պիտի խօսիմ քեզի. Ինչո՞ւ ամբարիշտներուն ճամբան կը յաջողի Ու բոլոր նենգութիւն ընողները հանգստութիւն կը վայելեն։ Դուն զանոնք տնկեցիր եւ անոնք արմատացան։ Անոնք կ’աճին ու պտուղ կու տան։ Դուն անոնց բերնին մօտ ես, Բայց անոնց սրտէն հեռու ես։ Դուն, ո՛վ Տէր, զիս ճանչցար, Զիս տեսար ու իմ միտքս քու առջեւդ քննեցիր։ Զատէ զանոնք մորթուելու ոչխարներու պէս, Սպանդի օրուան համար պատրաստէ։ Մինչեւ ե՞րբ երկիրը սուգ պիտի բռնէ Իր բնակիչներուն չարութեանը համար Ու բոլոր դաշտին խոտը պիտի չորնայ։ Անասուններն ու թռչունները հեռացան, Վասն զի ըսին. «Անիկա մեր վախճանը պիտի չտեսնէ»։ «Եթէ դուն հետեւակներուն հետ վազեցիր ու քեզ յոգնեցուցին, Հապա ձիաւորներուն հետ ի՞նչպէս պիտի մրցիս։ Դուն որ խաղաղութեան երկրին մէջ ապահով ես, Ի՞նչ պիտի ընես՝ երբ Յորդանան գետը յորդի։ Քանզի քու եղբայրներդ ու քու հօրդ տունն ալ, Անոնք անգամ քեզի դէմ նենգութիւն ըրին Եւ քու ետեւէդ բարձրաձայն աղաղակեցին։ Թէեւ անոնք քեզի աղէկ բաներ ալ խօսին, Դուն անոնց մի՛ հաւատար»։ «Իմ տունս թողուցի, իմ ժառանգութիւնս ձգեցի, Հոգիիս սիրածը իր թշնամիներուն ձեռքը տուի։ Իմ ժառանգութիւնս անտառի առիւծին պէս եղաւ ինծի, Անիկա բարձր ձայնով իմ վրաս պոռաց։ Այդ պատճառով զանիկա ատեցի։ Իմ ժառանգութիւնս գոյնզգոյն թռչունի մը պէս եղաւ ինծի, Թռչունները անոր չորս կողմն են։ Եկէ՛ք, անապատին բոլոր գազանները հաւաքեցէ՛ք, Բերէ՛ք, որ ուտեն։ Շատ հովիւներ իմ այգիս աւերեցին, Իմ բաժինս ոտնակոխ ըրին Եւ իմ ցանկալի վիճակս ամայի անապատի դարձուցին։ Զանիկա ամայութեան դարձուցին, Որը ամայի ըլլալով իմ առջեւս սուգ բռնեց։ Բոլոր երկիրը ամայացաւ, Քանզի մարդ մը չկայ, որ այս բաներուն մասին մտածէ։ Անապատին բոլոր բլուրներուն վրայ աւարառուներ եկան. Վասն զի Տէրոջը սուրը կ’ուտէ Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը։ Ոեւէ մարմնի խաղաղութիւն չկայ։ Ցորեն ցանեցին, բայց փուշ պիտի հնձեն. Աշխատանք թափեցին, բայց օգուտ պիտի չտեսնեն. Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը պատճառով Ձեր արդիւնքներէն պիտի ամչնաք։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը իմ չար դրացիներուս համար, Որոնք իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին տուած ժառանգութեան կը դպչին. «Ահա ես զանոնք իրենց երկրին երեսէն պիտի խլեմ, Յուդային տունն ալ անոնց մէջէն պիտի խլեմ։ Զանոնք խլելէս ետքը Պիտի դառնամ անոնց ողորմիմ Եւ ամէն մէկը՝ իր ժառանգութեանը Ու ամէն մէկը իր երկիրը պիտի դարձնեմ։ Եթէ անոնք իմ ժողովուրդիս ճամբաները սորվին Ու իմ անունովս երդում ընեն՝ ըսելով ‘Կենդանի է Տէրը’ (Ինչպէս անոնք իմ ժողովուրդիս՝ Բահաղի անունովը երդում ընել սորվեցուցին), Այն ատեն իմ ժողովուրդիս մէջ պիտի հաստատուին։ Բայց եթէ մտիկ չընեն, Այն ատեն այն ազգը արմատէն պիտի խլեմ Ու պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Գնա՛, քեզի քթանէ գօտի մը ծախու ա՛ռ եւ զանիկա մէջքդ կապէ՛ ու զանիկա ջուրը մի՛ խոթեր»։ Ուստի Տէրոջը խօսքին համաձայն գօտին ծախու առի ու մէջքս կապեցի։ Երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Այն ծախու առած գօտիդ, որ քու մէջքդ է, ա՛ռ ու ելի՛ր Եփրատ գնա եւ հոն վէմին ծակին մէջ պահէ՛ զանիկա»։ Ես գացի եւ զանիկա Եփրատի եզերքը պահեցի, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց։ Եւ շատ օրեր ետքը Տէրը ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, Եփրատ գնա՛, անկէ ա՛ռ այն գօտին, որ քեզի հրամայեցի հոն պահել»։ Ես ալ Եփրատ գացի ու փորելով՝ գօտին այն պահած տեղէս առի. բայց գօտին փտտեր էր ու բնաւ բանի մը չէր գար։ Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով. «Յուդային հպարտութիւնը Ու Երուսաղէմին մեծ հպարտութիւնը այդպէս պիտի աւրեմ։ Այս չար ժողովուրդը, Որ իմ խօսքերս լսել չեն ուզեր Ու իրենց սրտին կամակորութիւնովը կը քալեն, Օտար աստուածներու ետեւէ կ’երթան Անոնց ծառայութիւն ընելու եւ անոնց երկրպագութիւն ընելու համար՝ Այդ անպիտան գօտիին պէս պիտի ըլլան։ Վասն զի ինչպէս մարդը գօտին իր մէջքը կը կապէ, Իսրայէլին բոլոր տունն ու Յուդային բոլոր տունը Ինծի այնպէս կապեր էի, կ’ըսէ Տէրը, Որպէս զի ինծի ժողովուրդ ըլլան, Նաեւ՝ անուն եւ փառք ու պարծանք։ Բայց անոնք մտիկ չըրին։ Նաեւ այս խօսքը ըսէ անոնց. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի»’. Բայց անոնք քեզի պիտի ըսեն. ‘Միթէ մենք չե՞նք գիտեր թէ ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի’։ Դուն ալ անոնց ըսէ. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս երկրին բոլոր բնակիչները Ու Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորները Եւ քահանաներն ու մարգարէները Ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները արբեցութեամբ պիտի լեցնեմ Եւ զանոնք իրարու զարնելով պիտի կոտրտեմ, Հայրերը տղոցը հետ մէկտեղ կ’ըսէ Տէրը Եւ անոնց պիտի չգթամ ու պիտի չխնայեմ Եւ առանց ողորմելու զանոնք բնաջինջ պիտի ընեմ’։ Մտի՛կ ըրէք, ակա՛նջ տուէք, մի՛ հպարտանաք, Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։ Ձեր Տէր Աստուծոյն փառք տուէ՛ք՝ Դեռ խաւարը ձեր վրայ չհասած Ու ձեր ոտքերը մութ լեռներու վրայ չհասած Եւ ձեր լոյսի սպասած ատենը Աստուած զանիկա մահուան ստուերի չփոխած Ու զանիկա թանձր մէգի չդարձուցած։ Բայց եթէ մտիկ չընէք, Ձեր հպարտութեանը համար իմ հոգիս ծածուկ տեղեր պիտի լայ Եւ իմ աչքս դառնօրէն պիտի լայ ու արցունք պիտի թափէ, Վասն զի Տէրոջը հօտը գերի առնուեցաւ։ Թագաւորին ու թագուհիին ըսէ. «Ձեր անձը խոնարհեցուցէ՛ք ու գետնի վրայ նստեցէ՛ք, Վասն զի ձեր գլխէն ձեր փառաւոր թագը ինկաւ»։ Հարաւային քաղաքները գոցուեցան Ու բացող մը չկայ. Բոլոր Յուդա գերութեան գնաց. Ամէնքը գերութեան գացին։ «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք եւ հիւսիսի կողմէն եկողներուն նայեցէ՛ք. Քեզի տրուած հօտը, քու փառքերուդ խաշինքը ո՞ւր են։ Ի՞նչ պիտի ըսես, երբ քեզի այցելութիւն ընեն, Վասն զի դուն անոնց սորվեցուցիր, որ քու վրադ իշխան եւ գլուխ ըլլան. Միթէ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւեր պիտի չբռնե՞ն։ Ու եթէ սրտիդ մէջ ըսես. ‘Այս բաները ինչո՞ւ հանդիպեցան ինծի’, Քու անօրէնութեանդ շատութենէն քու քղանցքներդ բացուեցան Եւ գարշապարներդ բռնութեամբ մերկացան։ Միթէ կարելի՞ է որ Եթովպիացին իր մորթը՝ Կամ ինձը իր խայտուցները փոխէ, Որ դուք ալ, չարութիւն ընելու սորված ըլլալով, Կարենաք աղէկութիւն ընել։ Ուստի անապատի հովէն վերցուած մղեղի պէս Պիտի ցրուեմ զանոնք։ Այս է քու վիճակդ եւ քու բաժինդ, Որ ես քեզի որոշեցի, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի զիս մոռցար ու ստութեան ապաւինեցար։ Ուստի ես ալ քու քղանցքներդ քու երեսիդ վրայ վերցուցի Ու քու անարգանքդ երեւցաւ։ Ես քու շնութիւններդ ու վրնջիւններդ Եւ քու լիրբ պոռնկութիւնդ Ու բլուրներու վրայ եւ դաշտի վրայ քու ըրած պղծութիւններդ տեսայ։ Վա՜յ քեզի, ո՛վ Երուսաղէմ. Պիտի չմաքրուի՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ»։ Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիային եղաւ երաշտութեան վրայով։ «Յուդան սուգ կը բռնէ Եւ անոր դռները կը նուաղին։ Անոնք գետնի վրայ տրտում կը նստին, Երուսաղէմին աղաղակը բարձրացաւ։ Անոնց ազնուականները իրենց մանուկները ջուրի կը ղրկեն։ Անոնք աւազանները գացին, բայց ջուր չգտան Եւ դարձան՝ իրենց պարապ ամաններով։ Ամչցան ու պատկառեցան եւ գլուխնին ծածկեցին։ Երկրի վրայ անձրեւ չըլլալուն պատճառով ու Գետինը ճաթելուն համար, Երկրագործները ամչցան եւ գլուխնին ծածկեցին։ Քանզի եղնիկը դաշտի մէջ ծնաւ, Բայց խոտ չըլլալուն համար իր ձագը թողուց։ Վայրենի էշերը բլուրներու վրայ կայնեցան Եւ չագալներու պէս օդը ծծեցին։ Աչքերնին տկարացաւ, վասն զի խոտ չկար։ Թէեւ մեր անօրէնութիւնները մեզի դէմ կը վկայեն, Մեր յանցանքները շատ են, Քեզի դէմ մեղք գործեցինք, Սակայն, ո՛վ Տէր, քու անուանդ համար ըրէ։ Ո՛վ Իսրայէլի Յոյսը՝ Նեղութեան ատեն անոր Փրկիչը՝ Ինչո՞ւ համար երկրի վրայ հիւրի պէս Ու գիշերները իջեւանող ճամբորդի պէս ըլլաս։ Ինչո՞ւ համար ապշած մարդու պէս Կամ ազատուելու կարողութիւն չունեցողի պէս ըլլաս։ Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր, մեր մէջ ես, Մենք քու անունովդ կոչուած ենք, ուստի Մեզ մի՛ թողուր»։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այս ժողովուրդին համար. «Անոնք աստանդական շրջիլը սիրեցին Եւ իրենց ոտքերը չզսպեցին։ Տէրը անոնց չհաւնեցաւ. Ուստի անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ Ու անոնց մեղքերը պիտի պատժէ»։ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս ժողովուրդին բարօրութեան համար աղօթք մի՛ ըներ։ Եթէ անոնք ծոմ պահեն, Անոնց աղաղակին մտիկ պիտի չընեմ Ու եթէ ողջակէզ կամ զոհ մատուցանեն, Զանոնք պիտի չընդունիմ. Հապա սուրով, սովով եւ ժանտախտով Պիտի սպառեմ զանոնք»։ Ու ես ըսի. «Աւա՜ղ, ո՛վ Տէր Եհովա, Ահա մարգարէները անոնց կ’ըսեն. ‘Սուր պիտի չտեսնէք Ու ձեր մէջ սով պիտի չըլլայ, Հապա ձեզի այս տեղ խաղաղութիւն պիտի տամ’»։ Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. «Մարգարէները իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն։ Զանոնք ես չղրկեցի եւ անոնց չհրամայեցի Ու անոնց չխօսեցայ։ Անոնք ձեզի սուտ տեսիլքներ, սնոտի գուշակութիւններ Եւ իրենց սրտին խաբէութիւնները կը մարգարէանան»։ Ուստի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այն մարգարէներուն համար, որոնք իմ անունովս մարգարէութիւն կ’ընեն (Թէպէտեւ զանոնք ես չղրկեցի) Ու կ’ըսեն թէ ‘Այս երկրին մէջ սուր ու սով պիտի չըլլայ’, Այն մարգարէները սուրով ու սովով պիտի կորսուին Եւ այն ժողովուրդը, որոնց անոնք մարգարէութիւն կ’ընեն, Սուրին ու սովին միջոցով Երուսաղէմի փողոցները պիտի ձգուին Եւ զանոնք եւ անոնց կիները, տղաքներն ու աղջիկները Թաղող պիտի չգտնուի Ու անոնց վրայ իրենց չարութիւնը պիտի թափեմ»։ «Ուստի անոնց՝ այս խօսքը ըսէ. ‘Գիշեր ու ցորեկ աչքերս արցունք պիտի թափեն Ու բնաւ պիտի չդադարին, Վասն զի իմ ժողովուրդիս կոյս աղջիկը մեծ կոտորածով, Խիստ սաստիկ հարուածով կոտորուեցաւ։ Եթէ դաշտը ելլեմ Ահա սուրով մեռցուածներ Եւ եթէ քաղաքը մտնեմ, Ահա սովով տկարացածներ կան։ Վասն զի թէ՛ մարգարէն եւ թէ՛ քահանան Իրենց չգիտցած երկիրը կը պտըտին’»։ Միթէ Յուդան բոլորովին մերժեցի՞ր. Քու հոգիդ Սիօնէն զզուեցա՞ւ. Մեզի ինչո՞ւ այնպէս զարկիր, որ մեզի բժշկութիւն չըլլայ։ Մենք խաղաղութեան սպասեցինք, բայց խռովութիւն եկաւ, Բժշկութեան ժամանակին սպասեցինք, բայց վիրաւորները շատցան։ Մե՛նք, ով Տէր, մեր ամբարշտութիւնը Ու մեր հայրերուն անօրէնութիւնը կը ճանչնանք Եւ մենք քեզի դէմ մեղք գործեցինք, սակայն Քու անուանդ համար մեզմէ մի՛ զզուիր, Քու փառքիդ աթոռը մի՛ անարգեր. Մեզի հետ ըրած ուխտդ յիշէ եւ զանիկա մի՛ աւրեր։ Միթէ հեթանոսներուն չաստուածներուն մէջ անձրեւ տուող մը կա՞յ, Կամ թէ երկինքնե՞րը կու տան անձրեւը։ Չէ՞ որ ասիկա ընողը դո՛ւն ես, ո՛վ մեր Տէր Աստուածը. Ուստի քեզի կը յուսանք, Վասն զի ասոնց ամէնքը դուն ըրիր։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Եթէ Մովսէսն ու Սամուէլն ալ իմ առջեւս կայնէին, Նորէն ժողովուրդին վրայ հաճութիւն պիտի չունենայի։ Զանոնք առջեւէս վռնտէ ու թող դուրս ելլեն։ Եւ եթէ քեզի՝ ‘Ո՞ւր ելլենք’ ըսեն, Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մահուան համար որոշուածները ՝ մահուան, Սուրի համար որոշուածները ՝ սուրի, Սովի համար որոշուածները ՝ սովի Ու գերութեան համար որոշուածները գերութեան թող ելլեն ’։ «Անոնց վրայ չորս տեսակ պատիժ պիտի ղրկեմ, կ’ըսէ Տէրը. Մեռցնելու համար՝ սուրը, Պատառելու համար՝ շուները, Ուտելու ու ապականելու համար՝ Երկնքի թռչուններն ու երկրի գազանները։ Զանոնք, նեղութիւն կրելու համար, Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն ձեռքը պիտի մատնեմ, Յուդայի թագաւորին Եզեկիային որդիին Մանասէին պատճառով եւ Երուսաղէմի մէջ անոր ըրած բաներուն համար։ «Ո՞վ քեզի պիտի խնայէ, ո՛վ Երուսաղէմ Ու ո՞վ քեզի ցաւակից պիտի ըլլայ, Քու որպիսութիւնդ հարցնելու համար ո՞վ պիտի գայ»։ «Դուն զիս թողուցիր, կ’ըսէ Տէրը ու ետ գացիր. Ես ալ իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ եւ քեզ պիտի կորսնցնեմ. Քեզի գթալէն ձանձրացայ։ Զանոնք երկրին դռներուն մէջ պիտի հոսեմ իբր թէ հեծանոցով. Իմ ժողովուրդս անզաւակ պիտի թողում եւ պիտի կորսնցնեմ, Վասն զի անոնք իրենց ճամբաներէն չդարձան։ Անոնց որբեւարիները ծովուն աւազէն աւելի շատցուցի իմ առջեւս. Անոնց վրայ ու երիտասարդին՝ ՝ մօրը վրայ Կէսօրուան ատեն աւարառու բերի. Անոր վրայ յանկարծ արհաւիրք ու սոսկում ձգեցի։ Եօթը զաւակ ծնանողը նուաղեցաւ, Իր հոգին աւանդեց, Ցորեկը անոր արեւը մարը մտաւ. Անիկա ամչցաւ ու նախատուեցաւ Եւ անոնց մնացորդը իրենց թշնամիներուն առջեւ Սուրի պիտի մատնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Վա՜յ ինծի, ո՛վ մայրս, Որ զիս բոլոր երկրի համար Կռիւի մարդ ու վէճի մարդ ծնար. Ո՛չ ես շահով ստակ տուի, Ո՛չ ալ ինծի շահով ստակ տուին, Սակայն ամէնքը զիս կ’անիծեն։ Տէրը կ’ըսէ. «Անշո՛ւշտ քեզ պիտի ազատեմ Ու երջանիկ պիտի ըլլաս։ Անշո՛ւշտ նեղութեան ու տառապանքի ժամանակ Թշնամիիդ քեզի աղաչել պիտի տամ։ Մէկը կրնա՞յ կոտրել երկաթը, ան ալ հիւսիսային երկաթը եւ պղինձը։ Քու բոլոր մեղքերուդ համար՝ բոլոր սահմաններուդ մէջ Քու ստացուածքդ ու գանձերդ ձրիապէս յափշտակութեան պիտի մատնեմ։ Անծանօթ երկրին մէջ թշնամիներուդ ծառայ պիտի ընեմ քեզ, Վասն զի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ, Որը ձեր վրայ պիտի բորբոքի»։ Ո՛վ Տէր, դուն իմ վիճակս գիտես. Զիս յիշէ՛ եւ ինծի այցելութիւն ըրէ՛ Ու իմ հալածիչներէս իմ վրէժս ա՛ռ. Քու երկայնամտութեամբդ զիս մի՛ վերցներ. Յիշէ՛ թէ քեզի համար նախատինք կրեցի։ Ես քու խօսքերդ գտածիս պէս՝ զանոնք կերայ։ Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ. Վասն զի քու անունովդ կոչուեցայ, Ո՛վ զօրքերու Տէր Աստուած։ Ծաղր ընողներուն ժողովին մէջ չնստեցայ ու չզուարճացայ. Քու ձեռքդ իմ վրաս ըլլալուն համար առանձին նստեցայ, Վասն զի քու բարկութիւնովդ զիս լեցուցած էիր։ Ինչո՞ւ իմ ցաւս՝ մշտնջենաւոր Եւ իմ վէրքս անդարմանելի է Եւ բժշկուիլ չուզեր։ Դուն ինծի բոլորովին նենգ Ու անհաւատարիմ ջուրերու պէ՞ս պիտի ըլլաս։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եթէ դառնաս՝ ես քեզ պիտի վերականգնեմ Ու իմ առջեւս պիտի կայնիս։ Եթէ պատուականը անարգէն զատես, Իմ բերնիս պէս պիտի ըլլաս։ Անոնք քեզ պիտի դառնան, Բայց դուն անոնց մի՛ դառնար։ Քեզ այս ժողովուրդին՝ պղնձէ ամուր պարիսպի պէս պիտի ընեմ։ Քեզի հետ պիտի պատերազմին, Բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. Վասն զի ես քեզի հետ եմ՝ Քեզ փրկելու ու ազատելու համար Եւ քեզ չարերուն ձեռքէն պիտի ազատեմ Ու բռնաւորներուն ձեռքէն պիտի փրկեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Քեզի կին մի՛ առներ։ Այս տեղ տղաքներ ու աղջիկներ մի՛ ունենար, Քանզի այս տեղ ծնած տղաքներուն ու աղջիկներուն համար Եւ այս երկրին մէջ զանոնք ծնանող մայրերուն ու հայրերուն համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անոնք մահառիթ հիւանդութիւններով պիտի մեռնին։ Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի ու անոնք պիտի չթաղուին։ Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան։ Սուրով ու սովով պիտի հատնին։ Անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն Ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան’»։ Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սուգի տուն մի՛ մտներ ու լալու մի՛ երթար, Անոնց համար մի՛ ողբար, Վասն զի այս ժողովուրդէն վերցուցի իմ խաղաղութիւնս, Ողորմութիւնս ու գթութիւնս։ Այս երկրին մեծերն ու պզտիկները Պիտի մեռնին եւ պիտի չթաղուին, Անոնց համար սուգ պիտի չընեն, Իրենց մարմիններուն վրայ կտրածներ պիտի չընեն, Անոնց համար իրենց մազերը պիտի չփետտեն, Մեռելի մը վրայով մխիթարութեան համար Սուգի հաց պիտի չբաժնեն, Անոնց հայրերուն ու մայրերուն համար Մխիթարութեան բաժակը անոնց պիտի չխմցնեն։ Կոչունքի տուն ալ մի՛ մտներ, Որ անոնց հետ նստիս ուտելու եւ խմելու համար»։ Վասն զի զօրքերուն Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես այս տեղէն, ձեր աչքին առջեւէն ու ձեր օրերուն մէջ Ցնծութեան ձայնը եւ ուրախութեան ձայնը, Փեսային ձայնն ու հարսին ձայնը պիտի դադրեցնեմ։ Ու երբ այս բոլոր խօսքերը այս ժողովուրդին ըսես եւ անոնք քեզի հարցնեն՝ ‘Ինչո՞ւ համար Տէրը բոլոր այս մեծ չարիքին վրայ խօսեցաւ Ու ի՞նչ է մեր անօրէնութիւնն ու մեր մեղքը, Որ մեր Տէր Աստուծոյն դէմ գործեր ենք’, Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Վասն զի ձեր հայրերը զիս թողուցին, կ’ըսէ Տէրը Եւ ուրիշ աստուածներու ետեւէ գացին, Անոնց ծառայութիւն ըրին եւ անոնց երկրպագութիւն ըրին. Զիս թողուցին ու իմ օրէնքս չպահեցին։ Եւ դուք ձեր հայրերէն աւելի չարութիւն ըրիք, Ինծի մտիկ չընելով՝ Ձեզմէ ամէն մէկը իր չար սրտին կամակորութեանը ետեւէն գնաց։ Ես ալ այս երկրին երեսէն ձեզ պիտի փոխադրեմ Այնպիսի երկիր մը, որ չէք ճանչնար Ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը Ու հոն ցորեկ ու գիշեր օտար աստուածներու ծառայութիւն պիտի ընէք, Վասն զի ձեզի ողորմութիւն պիտի չընեմ’»։ «Անոր համար ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ ա՛լ պիտի չըսուի թէ ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց’։ Բայց ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի որդիները հանեց հիւսիսային երկրէն Եւ այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էր’. Քանզի զանոնք պիտի դարձնեմ իրենց երկիրը, Որ իրենց հայրերուն տուած էի»։ «Ահա ես շատ ձկնորսներ բերել պիտի տամ, կ’ըսէ Տէրը, Որ զանոնք որսան։ Անկէ ետքը շատ որսորդներ բերել պիտի տամ, Որ զանոնք ամէն լերան վրայէն Եւ ամէն բլուրի վրայէն Ու վէմերուն ծակերէն որսան։ Վասն զի իմ աչքերս անոնց բոլոր ճամբաներուն վրայ են. Իմ երեսէս ծածկուած չեն, Անոնց անօրէնութիւնը իմ աչքերուս առջեւէն պահուած չէ։ Նախ անոնց անօրէնութեանը ու մեղքին Կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ, Քանի որ իմ երկիրս պղծեցին Եւ իրենց գարշութիւններուն ու պղծութիւններուն դիակներովը Իմ ժառանգութիւնս լեցուցին»։ Ո՛վ Տէր, իմ զօրութիւնս, իմ բերդս Ու իմ ապաստանարանս նեղութեան օրը, Երկրի ծայրերէն ազգերը քեզի պիտի գան Ու պիտի ըսեն. «Իրաւցընէ մեր հայրերը ստութիւն, Ունայնութիւն ու անօգուտ բաներ ժառանգեցին։ Միթէ մարդ իրեն աստուածներ կրնա՞յ շինել»։ Ու անոնք աստուածներ չեն։ «Անոր համար ահա ես անոնց այս անգամ պիտի գիտցնեմ, Իմ ձեռքս ու իմ զօրութիւնս պիտի գիտցնեմ անոնց Եւ պիտի գիտնան թէ իմ անունս Եհովա է»։ Յուդային մեղքը երկաթէ գրիչով Ու ադամանդի ծայրով գրուած է։ Անոնց սրտին տախտակին վրայ Եւ անոնց սեղաններուն եղջիւրներուն վրայ փորուած է, Որպէս զի անոնց տղաքը մտքերնին բերեն Անոնց սեղաններն ու անոնց Աստարովթի կուռքերը, Որոնք կանանչ ծառերուն քով բարձր բլուրներու վրայ շինուած էին ։ Ո՛վ իմ լեռս՝ ՝, որ դաշտի մէջ ես, Քու ստացուածքդ, քու բոլոր գանձերդ, Բոլոր սահմաններուդ մէջ մեղքի համար շինուած բարձր տեղերդ Յափշտակութեան պիտի մատնեմ։ Դուն պիտի զրկուիս քու ժառանգութենէդ, որ քեզի տուի։ Անծանօթ երկրի մէջ Քու թշնամիներուդ ծառայ պիտի ընեմ քեզ, Վասն զի իմ բարկութեանս մէջ կրակ մը վառուեցաւ, Որ յաւիտեան պիտի բորբոքի»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ մարդու կ’ապաւինի Ու մարմինը իրեն բազուկ կ’ընէ։ Որուն սիրտը Տէրոջմէն կը խոտորի։ Անիկա անապատի մէջ մոշենիի պէս պիտի ըլլայ Ու երբ աղէկութիւն գայ պիտի չտեսնէ Եւ անապատին այրուած տեղերը, Աղի ու անբնակ երկրի մէջ պիտի բնակի։ «Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տէրոջը կ’ապաւինի Ու որուն յոյսը Տէրն է։ Անիկա ջուրերուն քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր արմատները գետի քով երկնցնելով՝ Տաքութեան գալը չի տեսներ. Հապա անոր տերեւը կանանչ կ’ըլլայ Ու երաշտութեան տարին նեղութիւն չի քաշեր Ու միշտ պտուղ պիտի տայ»։ Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, Զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ։ «Ես՝ Տէրս՝ միտքը կը քննեմ, Սրտերը կը փորձեմ, Որպէս զի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ Ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ»։ Անիրաւութեամբ հարստութիւն դիզողը՝ Իր չածած հաւկիթներով թուխսի նստող կաքաւի պէս է ։ Զանիկա իր օրերուն կիսուն պիտի թողու Ու վերջը անմիտ պիտի ըլլայ։ Մեր սրբարանին տեղը Սկիզբէն փառաւոր ու բարձր աթոռ է։ Ով Տէր՝ Իսրայէլի յոյսը՝ Անոնք, որ քեզ կը թողուն, պիտի ամչնան, Քեզմէ հեռացողները երկրի հողին վրայ պիտի գրուին, Վասն զի Տէրը՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ թողուցին։ Ո՛վ Տէր, զիս բժշկէ՛ ու պիտի բժշկուիմ, Զիս փրկէ՛ ու պիտի փրկուիմ. Վասն զի իմ պարծանքս դո՛ւն ես։ Ահա անոնք ինծի կ’ըսեն. «Տէրոջը խօսքը ո՞ւր է. հիմա թող գայ»։ Բայց ես քու ետեւէդ՝ հովիւ ըլլալէն չփախայ Ու չարիքի օրուան չցանկացի, ինչպէս դուն գիտես. Իմ շրթունքներէս ելածը քու առջեւդ էր։ Ինծի արհաւիրք մի՛ ըլլար. Նեղութեանս օրը իմ ապաւէնս դուն ես։ Զիս հալածողները թող ամչնան, բայց ես պիտի չամչնամ. Թող անոնք զարհուրին, բայց ես պիտի չզարհուրիմ. Անոնց վրայ թշուառութեան օրը բեր Եւ զանոնք կրկին կոտորածով կոտորէ։ Տէրը այսպէս ըսաւ ինծի. «Գնա՛ ժողովուրդին որդիներուն դուռը, ուրկէ Յուդայի թագաւորները կը մտնեն ու կ’ելլեն ու Երուսաղէմի դռները կայնէ՛ Եւ անոնց ըսէ՛. ‘Յուդայի թագաւորներ ու բոլոր Յուդա եւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներ, որ այս դռներէն կը մտնէք, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէ՛ք եւ շաբաթ օրը բեռ մի՛ վերցնէք ու Երուսաղէմի դռներէն ներս մի՛ բերէք։ Շաբաթ օրը ձեր տուներէն դուրս բեռ մը մի՛ հանէք ու գործ մը մի՛ ընէք. հապա շաբաթ օրը սուրբ պահեցէ՛ք, ինչպէս ձեր հայրերուն պատուիրեցի. Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէս զի մտիկ չընեն ու խրատ չընդունին։ Իսկ եթէ ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ընէք, կ’ըսէ Տէրը ու շաբաթ օրը այս քաղաքին դռներէն ներս բեռ չբերէք ու շաբաթ օրը սուրբ պահէք՝ անոր մէջ բնաւ գործ չընէք, Այն ատեն Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորներն ու իշխանները, կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած, այս քաղաքին դռներէն պիտի մտնեն, իրենք եւ իրենց իշխանները, Յուդայի մարդիկը եւ Երուսաղէմի բնակիչները ու այս քաղաքը յաւիտեան պիտի մնայ։ Եւ Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերէն ու Բենիամինի երկրէն եւ դաշտերէն ու լեռներէն ու հարաւէն պիտի գան եւ ողջակէզ ու զոհ եւ հացի ընծայ ու կնդրուկ պիտի բերեն եւ Տէրոջը տունը շնորհակալութեան ընծաներ պիտի բերեն։ Բայց եթէ շաբաթ օրը սուրբ պահելու, շաբաթ օրը բեռ չվերցնելու եւ Երուսաղէմի դռներէն ներս չմտնելու պատուէրին մտիկ չընէք, ես ալ անոր դռներուն մէջ կրակ պիտի վառեմ եւ ան պիտի ուտէ Երուսաղէմի պալատները եւ պիտի չմարի»։ Տէրը Երեմիային ըսաւ. «Ելի՛ր ու բրուտին տունը իջի՛ր։ Հոն իմ խօսքերս պիտի լսես»։ Ես բրուտին տունը իջայ, որը ճախարակով կը գործէր։ Կաւէ ամանը բրուտին ձեռքին մէջ աւրուեցաւ։ Բրուտն ալ անկէ ուրիշ աման մը շինեց, ինչպէս իրեն հաճելի երեւցաւ։ Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Միթէ ձեզի՝ այս բրուտին ըրածին պէս ընելու կարող չե՞մ, Ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէրը, Ահա ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ, Դուք ալ իմ ձեռքիս մէջ այնպէս էք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ Երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ Թէ պիտի քակեմ, պիտի փլցնեմ ու պիտի կորսնցնեմ, Բայց եթէ այն ազգը, որուն վրայով խօսեցայ, իր չարութենէն դառնայ, Ես ալ պիտի չընեմ այն չարիքը, որ մտածեր էի անոր ընել։ Իսկ երբ ազգի մը կամ թագաւորութեան մը համար ըսելու ըլլամ Թէ պիտի շինեմ ու պիտի տնկեմ, բայց Եթէ անիկա իմ խօսքիս մտիկ չընելով՝ իմ առջեւս չարութիւն ընէ, Ես ալ պիտի չընեմ այն բարիքը, որ խոստացեր էի անոր ընել։ Հիմա Յուդայի մարդիկներուն Ու Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեզի համար չարիք կը պատրաստեմ Ու ձեզի համար ծրագիր մը կը պատրաստեմ։ Հիմա բոլորդ ալ ձեր ճամբաներէն դարձէ՛ք Ու ձեր ճամբաներն ու ձեր գործերը ուղղեցէ՛ք’։ Բայց անոնք կ’ըսեն. ‘Յոյս չկայ, Վասն զի մենք մեր խորհուրդներուն ետեւէն պիտի երթանք Ու բոլորս ալ մեր չար սրտին կամակորութեանը պէս պիտի ընենք’։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հիմա ազգերուն մէջ հարցուցէք, Այսպիսի բան մը ո՞վ լսեր է։ Իսրայէլին կոյսը խիստ սոսկալի բան մը ըրաւ։ Միթէ Լիբանանին ձիւնը արտին վէմէն՝ ՝ կը պակսի՞, Կամ հեռուէն վազող պաղ ջուրերը կը ցամքի՞ն։ Բայց իմ ժողովուրդս զիս մոռցաւ։ Ունայնութիւններու խունկ ծխեցին։ Անոնք իրենց քալած հին ճամբաներուն մէջ մոլորեցան Եւ ուրիշ շաւիղներէ, զարտուղի ճամբաներէ քալեցին։ Ասանկով իրենց երկիրը աւերակ Ու յաւիտենապէս սուլելու ենթակայ ըրին։ Անկէ ամէն անցնողը պիտի զարմանայ Ու գլուխը պիտի շարժէ։ Որպէս թէ արեւելեան հովով՝ Զանոնք թշնամիին առջեւ պիտի ցրուեմ, Անոնց թշուառութեան օրը Անոնց կռնակ պիտի ցուցնեմ եւ ո՛չ թէ՝ երես»։ Այն ատեն ըսին. «Եկէ՛ք, Երեմիային դէմ դաւ լարենք, Վասն զի քահանայէն՝ օրէնք Ու իմաստունէն՝ խորհուրդ Եւ մարգարէէն խօսք պիտի չկորսուի։ Եկէ՛ք, զանիկա լեզուով ջախջախենք Ու անոր ոեւէ խօսքին ականջ չտանք»։ «Ո՛վ Տէր, ինծի ականջ տուր Ու ինծի հետ վէճ ընողներուն ձայնը լսէ՛։ Միթէ աղէկութեան փոխարէն չարիք կը հատուցուի՞։ Բայց անոնք իմ անձիս համար փոս փորեցին։ Յիշէ՛, թէ քու առջեւդ կայնեցայ, Որպէս զի անոնց համար բարեխօսութիւն ընեմ Ու քու բարկութիւնդ անոնցմէ դարձնեմ։ Անոր համար անոնց տղաքները սովի՛ մատնէ Ու զանոնք սուրին ձեռքը յանձնէ՛։ Անոնց կիները անզաւակ ու որբեւարի թող ըլլան Եւ այրերը թող մեռնին Ու երիտասարդները պատերազմի մէջ սուրով թող զարնուին։ Եւ անոնց վրայ յանկարծակի ասպատակող գունդեր բեր։ Անոնց տուներէն աղաղակ թող լսուի։ Վասն զի զիս բռնելու համար փոս փորեցին Եւ իմ ոտքերուս համար ծածուկ որոգայթներ լարեցին։ Ու դուն, ո՛վ Տէր, գիտես անոնց դաւը Ինծի դէմ, զիս մեռցնելու համար։ Անոնց անօրէնութիւնը մի՛ քաւեր Եւ անոնց մեղքը քու առջեւէդ մի՛ ջնջեր, Հապա անոնք քու առջեւդ թող կործանին. Քու բարկութեանդ ատենը անոնց դէմ գործէ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛, բրուտի շինած հողէ կուժ մը ծախու ա՛ռ ու ժողովուրդէն քանի մը ծերեր եւ քահանաներէն քանի մը ծերեր քեզի հետ ա՛ռ Եւ Խեցիներու դրանը դիմացի՝ Ենովմի որդիին ձորը իջիր ու հոն յայտնէ այն խօսքերը, որոնք քեզի պիտի ըսեմ»։ Անոնց ըսէ. «Ո՛վ Յուդայի թագաւորներ ու Երուսաղէմի բնակիչներ, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս տեղին վրայ սարսափելի չարիք մը պիտի բերեմ, այնպէս որ զանիկա լսողին ականջները պիտի խօսին. Վասն զի անոնք զիս թողուցին ու այս տեղը ինծմէ օտարացուցին եւ հոս խունկ ծխեցին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք եւ ո՛չ իրենց հայրերը, ո՛չ ալ Յուդայի թագաւորները կը ճանչնային ու այս տեղը անմեղ արիւնով լեցուցին Եւ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, որպէս զի իրենց տղաքները կրակով այրեն՝ Բահաղին ողջակէզ ընեն, որը ես չհրամայեցի, չխօսեցայ ու մտքէս ալ չանցաւ։ Ուստի ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, որ անգամ մըն ալ այս տեղը Տօփեթ ու Ենովմի որդիին ձորը պիտի չկոչուի, հապա Սպանութեան ձոր։ Այս տեղ Յուդայի ու Երուսաղէմի խորհուրդը պիտի խափանեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն առջեւ սուրով եւ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքով պիտի կործանեմ։ Անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի տամ։ Այս քաղաքը աւերակ ու նախատինքի առարկայ պիտի ընեմ։ Անկէ ամէն անցնողը անոր բոլոր հարուածներուն պատճառով պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։ Պաշարման ատենը այն նեղութեանը մէջ, որով անոնց թշնամիները եւ անոնց հոգին փնտռողները զանոնք պիտի նեղեն, իրենց տղոցը ու աղջիկներուն միսը պիտի կերցնեմ անոնց ու իրարու միս պիտի ուտեն’»։ «Ետքը այն կուժը քեզի հետ եկող մարդոց աչքին առջեւ կոտրէ՛ Ու անոնց ըսէ՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ժողովուրդն ու այս քաղաքը այնպէս պիտի կոտրտեմ, ինչպէս մէկը բրուտի ամանը կը կոտրտէ, որ ա՛լ չկրնան նորոգուիլ ու զանոնք Տօփեթի մէջ պիտի թաղեն՝ մինչեւ որ ա՛լ թաղելու տեղ չմնայ՝ ՝’»։ «Այն տեղին ու անոր բնակիչներուն այսպէս պիտի ընեմ, կ’ըսէ Տէրը։ Այս քաղաքը Տօփեթի պէս պիտի ընեմ Ու Երուսաղէմի տուները եւ Յուդայի թագաւորներուն տուները Տօփեթի տեղին պէս պիղծ պիտի ըլլան այն բոլոր տուներուն պատճառով՝ ՝, որոնց տանիքներուն վրայ երկնքի զօրքերուն խունկ ծխեցին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ մատուցանեցին»։ Երեմիա Տօփեթէն եկաւ, ուր Տէրը զանիկա ղրկեր էր մարգարէութիւն ընելու համար եւ Տէրոջը տանը գաւիթը կայնեցաւ ու բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքին վրայ ու անոր բոլոր գիւղաքաղաքներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքները, որոնք անոր համար որոշեցի. վասն զի իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէս զի իմ խօսքերուս մտիկ չընեն’»։ Տէրոջը տանը գլխաւոր վերակացուն՝ Եմմերին որդին Փասուրը՝ լսեց այն խօսքերը, որոնք Երեմիա կը մարգարէանար։ Փասուր Երեմիա մարգարէին զարկաւ եւ զանիկա Տէրոջը տանը եղող՝ Բենիամինին վերի դրանը կոճղին մէջ դրաւ։ Հետեւեալ օրը Փասուր Երեմիան կոճղէն հանեց։ Այն ատեն Երեմիան անոր ըսաւ. «Տէրը քու անունդ Փասուր չկոչեց, հապա Մակոր-Միսսապիպ. Վասն զի Տէրը այսպէս կ՛ըսէ. ‘Ահա ես քեզ արհաւիրք պիտի ընեմ քու անձիդ ու քու բոլոր բարեկամներուդ վրայ եւ անոնք իրենց թշնամիներուն սուրովը պիտի իյնան ու քու աչքերդ պիտի տեսնեն եւ բոլոր Յուդան Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ, որը զանոնք Բաբելոն գերի պիտի տանի ու զանոնք սուրով պիտի զարնէ։ Այս քաղաքին բոլոր հարստութիւնն ու անոր բոլոր վաստակը ու անոր բոլոր պատուական բաները եւ Յուդայի թագաւորներուն բոլոր գանձերը իրենց թշնամիներուն ձեռքը պիտի տամ։ Զանոնք պիտի յափշտակեն ու առնեն եւ Բաբելոն տանին։ Եւ դուն, ո՛վ Փասուր ու քու տանդ բոլոր բնակիչները, գերութեան պիտի երթաք եւ Բաբելոն պիտի երթաք ու հոն պիտի մեռնիք եւ հոն պիտի թաղուիք թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու բոլոր բարեկամներդ, որոնց սուտ մարգարէութիւն ըրիր’»։ Զիս խաբեցիր, ո՛վ Տէր ու ես խաբուեցայ։ Դուն ինծմէ զօրաւոր ես ու յաղթեցիր։ Ամէն օր ծաղրանքի առարկայ եղայ. Ամէնքը զիս կը ծաղրեն, Քանզի կը խօսիմ, կ’աղաղակեմ Եւ բռնութեան ու զրկանքի համար կը բողոքեմ։ Տէրոջը խօսքը ամէն օր նախատինք ու անարգանք եղաւ ինծի։ Եթէ ըսէմ՝ «Զինք պիտի չյիշեմ, Կամ անգամ մըն ալ իր անունով պիտի չխօսիմ», Այն ատեն սրտիս մէջ կրակ մը պիտի վառի, Իմ ոսկորներուս մէջ պիտի բորբոքի Ես յոգնեցայ զանիկա կրելէն ու ա՛լ չեմ կրնար դիմանալ։ Շատերէն պարսաւանք լսեցի, Ամէն կողմ վախ կայ, ա՛լ չեմ կրնար հանգստանալ։ «Չարախօսեցէ՛ք ու բամբասեցէք», ըսին. Իմ բոլոր բարեկամներս իմ սխալիլս կը դիտէին՝ ըսելով ՝ ՝, ‘Թերեւս անիկա խաբուի ու անոր յաղթենք Եւ անկէ մեր վրէժը լուծենք’»։ Բայց Տէրը ինծի հետ է զօրաւոր ախոյեանի պէս. Անոր համար զիս հալածողները պիտի գլորին ու պիտի չյաղթեն. Անոնք խիստ պիտի ամչնան, քանզի անխելքութեամբ կը վարուին։ Անոնց կրելու անարգանքը յաւիտեան պիտի չմոռցուի։ Բայց դո՛ւն, ո՛վ զօրքերու Տէր, որ արդարը կը փորձես, Միտքն ու սիրտը կը տեսնես, Անոնց վրայ քու վրէժխնդրութիւնդ պիտի տեսնեմ, Քանզի իմ դատս քեզի յայտնեցի։ Տէրոջը երգեցէ՛ք, Տէրը գովեցէ՛ք. Քանզի տնանկին հոգին չարագործներուն ձեռքէն ազատեց։ Անիծեա՛լ ըլլայ այն օրը, երբ ես ծնայ։ Իմ մօրս զիս ծնած օրը օրհնեալ չըլլայ։ Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ իմ հօրս աւետիս բերաւ Ու զանիկա խիստ շատ ուրախացուց՝ ըսելով. ‘Քեզի արու զաւակ մը ծնաւ’։ Այն մարդը այն քաղաքներուն պէս ըլլայ, Որոնք Տէրը կործանեց առանց խնայելու։ Անիկա առաւօտուն ողբ լսէ Ու կէսօրին՝ աղաղակ։ Վասն զի մօրս արգանդէն զիս չմեռցուց, Որ մայրս ինծի գերեզման ըլլար Եւ անոր արգանդը յաւիտեան յղի մնար։ Ինչո՞ւ այսպէս մօրս արգանդէն ելայ, Որ աշխատանք ու ցաւ տեսնեմ Եւ իմ օրերս ամօթով սպառին։ Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Մեղքիային որդին՝ Փասուրը ու Մաասիայի որդին՝ Սոփոնիա քահանան անոր ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար Տէրոջը հարցուր, վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը մեզի հետ պատերազմ կ’ընէ. թերեւս Տէրը մեզի համար իր բոլոր սքանչելիքներուն համեմատ ընէ եւ անիկա մեզմէ դառնայ՝ ՝»։ Երեմիա անոնց ըսաւ. «Սեդեկիային այսպէս ըսէք. Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր ձեռքերուն մէջ եղող պատերազմական զէնքերը պիտի դարձնեմ, որոնցմով դուք պարսպին դուրսէն ձեզ պաշարող Բաբելոնի թագաւորին ու Քաղդէացիներուն հետ կը պատերազմիք եւ զանոնք այս քաղաքին մէջ պիտի հաւաքեմ։ Ես ալ երկնցած ձեռքով եւ զօրաւոր բազուկով, սրտմտութեամբ, բարկութեամբ ու մեծ ցասումով ձեզի հետ պիտի պատերազմիմ։ Այս քաղաքին բնակիչները, թէ՛ մարդ եւ թէ անասուն պիտի զարնեմ։ Անոնք մեծ ժանտախտով պիտի մեռնին’։ Ու անկէ ետքը, կ’ըսէ Տէրը, ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան եւ անոր ծառաները ու ժողովուրդը եւ այս քաղաքին մէջ ժանտախտէն, սուրէն ու սովէն ազատուածները, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը եւ անոնց թշնամիներուն ձեռքը ու անոնց հոգիները փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։ Անոնք ալ սուրի բերնէ պիտի անցընեն, անոնց պիտի չխնայեն, պիտի չգթան ու ողորմութիւն պիտի չընեն’»։ «Եւ այս ժողովուրդին ըսէ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր առջեւ կը դնեմ կեանքի ճամբան ու մահուան ճամբան։ Ան որ քաղաքին մէջ կը կենայ՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ ան որ դուրս կ’ելլէ եւ ձեզ պաշարող Քաղդէացիներուն կը յանձնուի, ողջ պիտի մնայ ու անոր կեանքը աւարի մը պէս պիտի ըլլայ։ Քանզի իմ երեսս այս քաղաքին վրայ հաստատեցի չարիք ընելու համար եւ ո՛չ թէ բարիք, կ’ըսէ Տէրը. անիկա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու ան ալ զանիկա կրակով պիտի այրէ’»։ «Եւ Յուդայի թագաւորին տանը ըսէ՛. ‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք. Ո՛վ Դաւիթի տուն, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Առտուն իրաւունքով դատաստան տեսէ՛ք ու զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք, չըլլայ որ ձեր չար գործերուն համար իմ բարկութիւնս կրակի պէս ելլելով բռնկի ու մարող մը չըլլայ»։ «Ահա ես ձեզի դէմ եմ, ո՛վ հովիտին, դաշտի վէմին բնակիչներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Մեզի դէմ ո՞վ պիտի ելլէ, կամ մեր բնակարններուն մէջ ո՞վ պիտի մտնէ’. Բայց ես ձեզ ձեր գործերուն պտուղին համեմատ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը ու անոր անտառին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ եւ ան անոր բոլորտիքը եղածը պիտի ուտէ’»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Յուդայի թագաւորին տունը իջի՛ր Ու հոն այս խօսքը ըսէ՛. ‘Ո՛վ Դաւիթին աթոռին վրայ նստող Յուդայի թագաւոր, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք՝ Թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու ծառաներդ ու ժողովուրդդ, Որ այս դռներէն կը մտնէք’։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իրաւունք ու արդարուիթւն ըրէ՛ք։ Զրկուածը հարստահարողին ձեռքէն ազատեցէ՛ք։ Օտարականին, որբին ու որբեւարիին Անիրաւութիւն ու բռնութիւն մի՛ ընէք Եւ այս տեղ անմեղ արիւն մի՛ թափէք։ Վասն զի եթէ ամէն կերպով այս խօսքը գործադրէք, Այն ատեն Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորները՝ Կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած՝ Այս տանը դռներէն պիտի մտնեն, Իրենք եւ իրենց ծառաները ու ժողովուրդը»։ ‘Բայց եթէ այս խօսքերուն մտիկ չընէք, Իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ այս տունը աւերակ պիտի ըլլայ’։ Յուդայի թագաւորին տանը վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն թէեւ ինծի Գաղաադի պէս Ու Լիբանանի գագաթին պէս ես, Սակայն անշուշտ քեզ անապատի պէս Ու անբնակ քաղաքներու պէս պիտի ընեմ Եւ քու վրադ կործանողներ պիտի հանեմ. Իւրաքանչիւրը իր զէնքովը պիտի գայ Ու քու ընտիր եղեւիններդ պիտի կտրեն Եւ կրակը ձգեն’։ Այս քաղաքէն շատ ազգեր պիտի անցնին Եւ իրարու պիտի ըսեն. «Ինչո՞ւ համար Տէրը այս մեծ քաղաքին այսպէս ըրաւ»։ Անոնք պիտի պատասխանեն. «Վասն զի իրենց Տէր Աստուծոյն ուխտը թողուցին Եւ ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ըրին ու անոնց ծառայեցին»։ Մեռնողին համար մի՛ լաք Ու անոր համար մի՛ ողբաք. Հապա գացողին համար դառնապէս լացէ՛ք, Որովհետեւ անգամ մըն ալ պիտի չդառնայ Ու իր հայրենիքը պիտի չտեսնէ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեղղումին համար, Որ իր հօրը Յովսիային տեղ թագաւոր նստաւ Ու այս տեղէն ելաւ. ‘Անիկա անգամ մըն ալ հոս պիտի չդառնայ. Հապա անիկա իր գերի քշուած տեղը պիտի մեռնի Ու ա՛լ այս երկիրը պիտի չտեսնէ՛»։ «Վա՜յ անոր, որ իր տունը զրկանքով Ու իր վերնատուները անիրաւութեամբ կը շինէ. Իր դրացին ձրի կը բանեցնէ Եւ անոր աշխատութեանը վարձքը չի վճարեր։ Ան որ կ’ըսէ՝ ‘Ինծի ընդարձակ տուն Ու հովասուն վերնատուններ շինեմ’, Իրեն պատուհաններ կը բանայ Ու զանիկա եղեւնափայտով կը պատէ Ու կարմիր կը ներկէ։ Միթէ դուն շատ եղեւնափայտեր հաւաքելովդ՝ ՝ Թագաւո՞ր պիտի ըլլաս։ Չէ՞ որ քու հայրդ կերաւ ու խմեց, Նաեւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։ Աղքատին ու տնանկին դատը տեսաւ, Այն ատեն անոր աղէկ եղաւ։ «Միթէ զիս ճանչնալը ասիկա չէ՞», կ’ըսէ Տէրը։ Սակայն քու աչքերդ ու սիրտդ ուրիշ բանի վրայ չեն, Բայց միայն ագահութեան Եւ անմեղ արիւն թափելու Եւ անիրաւութեան ու բռնութեան վրայ, որ զանոնք ընես։ Անոր համար Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Անոր վրայ պիտի չողբան՝ ըսելով ՝ ‘Վա՜յ, եղբայրս’, կամ ‘Վա՜յ քոյրս’. Անոր վրայ պիտի չողբան՝ ըսելով ՝ ‘Վա՜յ, տէր իմ’, կամ ‘Վա՜յ անոր փառքին’։ Անիկա իշու թաղումով պիտի թաղուի Ու քաշելով պիտի տարուի Ու Երուսաղէմի դռներէն դուրս պիտի նետուի»։ «Լիբանան ելի՛ր ու աղաղակէ՛ Եւ Բասանի վրայ ձայնդ ձգէ՛ Ու Աբիրամէ աղաղակէ՛. Վասն զի քու բոլոր հոմանիներդ կոտորուեցան։ Երբ դուն յաջողութեան մէջ էիր, քեզ խրատեցի Ու դուն ըսիր՝ ‘Մտիկ չեմ ըներ’։ Քու մանկութենէդ ի վեր ճամբադ այս է, Որ իմ խօսքիս մտիկ չընես։ Քու բոլոր հովիւներդ հովը պիտի քշէ Ու հոմանիներդ գերութեան պիտի երթան։ Յիրաւի այն ատեն բոլոր չարութեանդ համար Պիտի ամչնաս ու պիտի նախատուիս։ Ո՛վ Լիբանանի մէջ բնակող Ու եղեւիններու մէջ բոյն ունեցող, Երբ քեզի ծննդական կնոջ երկունքին պէս ցաւեր գան, Որչա՜փ ողորմելի պիտի ըըլաս»։ «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, Ո՜վ Յուդայի թագաւոր, Յովակիմի որդի Յեքոնիա, Թէեւ իմ աջ ձեռքիս կնիքն ալ ըլլաս, Անկէ ալ քեզ պիտի փրցնեմ։ Քեզ՝ քու հոգիդ փնտռողներուն ձեռքը Ու այն մարդոց ձեռքը, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս Եւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը Ու Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի մատնեմ։ Քեզ ու քու մայրդ, որ քեզ ծնաւ, Օտար երկիր պիտի նետեմ Ուր ծնած չէք Եւ հոն պիտի մեռնիք։ Ու պիտի չդառնաք այն երկիրը, Ուր դառնալ կը յուսայիք»։ Միթէ այս Յեքոնիա ըսուած մարդը անարգուած ու կոտրուած սափո՞ր մըն է, Կամ թէ այնպիսի ամա՞ն մըն է, որուն համար մէ՛կը հոգ չըներ։ Ինչո՞ւ համար ինք ու իր սերունդը նետուեցան Ու իրենց անծանօթ երկիրը քշուեցան։ Ո՛վ երկիր, երկիր, երկիր, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս մարդը իբր անզաւակ գրեցէք, Մարդ մը, որ իր օրերուն մէջ յաջողութիւն պիտի չգտնէ, Քանզի անոր սերունդէն ոեւէ մէկը յաջողութիւն պիտի չգտնէ, Որ Դաւիթին աթոռին վրայ նստի Եւ Յուդայի վրայ թագաւորութիւն ընէ»։ «Վա՜յ այն հովիւներուն, Որոնք իմ արօտիս ոչխարները կը կորսնցնեն ու կը ցրուեն», կ’ըսէ Տէրը։ Անոր համար այսպէս կ’ըսէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը Այն հովիւներուն՝ որ իր ժողովուրդը կը հովուեն. «Դուք իմ ոչխարներս ցրուեցիք ու զանոնք վռնտեցիք Եւ անոնց հոգ չտարիք։ Ահա ես ձեր գործերուն չարութեանը համար Ձեզ պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը։ Ես իմ ոչխարներուս մնացորդը պիտի հաւաքեմ Այն բոլոր երկիրներէն՝ ուր զանոնք քշեր էի։ Զանոնք իրենց փարախները պիտի դարձնեմ, Ուր պիտի աճին ու շատնան։ Անոնց վրայ հովիւներ պիտի դնեմ, որ զանոնք հովուեն. Անոնք ա՛լ պիտի չվախնան ու պիտի չզարհուրին Ու պիտի չպակսին», կ’ըսէ Տէրը։ «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Դաւիթէն արդարութեան Շառաւիղ մը պիտի հանեմ, Որ թագաւորի պէս թագաւորութիւն պիտի ընէ, Իմաստութեամբ պիտի վարուի Ու երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։ Անոր օրերը Յուդան պիտի ազատի Եւ Իսրայէլը ապահովութեամբ պիտի բնակի։ Այս է անոր անունը, որով պիտի կոչուի. ‘ՏԷՐԸ՝ ՄԵՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ’։ «Անոր համար ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ ա՛լ պիտի չըսուի թէ ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեց’։ Հապա՝ ‘Կենդանի է Տէրը, Որ Իսրայէլի սերունդը հանեց ու բերաւ հիւսիսի երկրէն Եւ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք քշեր էր’ Ու անոնք իրենց երկրին մէջ պիտի բնակին»։ Մարգարէներուն համար սիրտս ներսիդիս կը կոտրի. Բոլոր ոսկորներս կը դողան. Տէրոջը երեսէն ու անոր սուրբ խօսքերուն երեսէն Գինով մարդու պէս Եւ գինին գլուխը զարկած մարդու պէս եղայ։ Քանզի երկիրը շնացողներով լեցուած է, Եւ անէծքի պատճառով երկիրը սուգ կը բռնէ։ Անմշակ արօտները չորցան, Որովհետեւ անոնք չար ճամբէ կ’ընթանան Եւ անոնց ոյժը ուղղութեան համար չէ։ «Վասն զի թէ՛ մարգարէն եւ թէ՛ քահանան պղծուեցան, Անոնց չարութիւնը իմ տանս մէջ ալ գտայ», կ’ըսէ Տէրը։ «Անոր համար անոնց ճամբաները Խաւարի մէջ սահեցնող տեղերու պէս պիտի ըլլան անոնց, Անոնք պիտի սահին ու պիտի իյնան. Վասն զի ես պատուհասի տարին Անոնց վրայ չարիք պիտի բերեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Սամարիայի մարգարէներուն մէջ Անզգամութիւն տեսայ. Բահաղի անունով կը մարգարէանան Եւ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ կը մոլորեցնեն։ Երուսաղէմի մարգարէներուն մէջ սոսկալի բան մը տեսայ. Անոնք շնութիւն կընեն ու ստութեան մէջ կը քալեն, Չարագործներուն ձեռքերը կ’ուժովցնեն, Որպէս զի ետ չդառնան իրենց չարութենէն. Անոնք ինծի Սոդոմի պէս Ու անոր բնակիչները Գոմորի պէս եղան»։ Ասոր համար զօրքերու Տէրը մարգարէներուն համար այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես անոնց օշինդր պիտի կերցնեմ Եւ անոնց դառնութեան ջուր պիտի խմցնեմ, Վասն զի Երուսաղէմի մարգարէներէն ամբարշտութիւն ելաւ Ու բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ »։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեզի մարգարէութիւն ընողներուն խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք. Անոնք ունայնութեան կը տանին ձեզ, Իրենց սրտին տեսիլքը կը խոսին, Ո՛չ թէ Տէրոջը բերնէն»։ «Անոնք զիս անարգողներուն կը խօսին ու կ’ըսեն, Տէրը ըսաւ. ‘Ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’ Եւ իրենց սրտին կամակորութեանը մէջ քալողներուն կ’ըսեն՝ ‘Ձեր վրայ չարիք պիտի չգայ’»։ Անոնցմէ ո՞վ կայնեցաւ Տէրոջը խորհուրդին մէջ, Ո՞վ իմացաւ ու անոր խօսքը լսեց։ Անոր խօսքին ո՞վ ականջ տուաւ ու մտիկ ըրաւ։ Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ. Անիկա սաստիկ մրրիկ է, Ամբարիշտներուն գլխուն վրայ պիտի յարձակի։ Տէրոջը բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ, Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չհաստատէ։ Վերջին օրերը ասիկա աղէկ պիտի հասկնաք։ «Այս մարգարէները ես չղրկեցի, բայց անոնք կը վազեն։ Ես անոնց չխօսեցայ, բայց անոնք կը մարգարէանան։ Իսկ եթէ անոնք իմ խորհուրդիս մէջ կեցած ըլլային, Այն ատեն իմ խօսքս իմ ժողովուրդիս պիտի յայտնէին Եւ զանոնք իրենց չար ճամբաներէն Ու իրենց չար գործերէն պիտի դարձնէին»։ «Միթէ ես մօտէ՞ն Աստուած եմ Ու հեռուէն Աստուած չե՞մ», կ’ըսէ Տէրը։ «Կամ թէ մէկը ծածուկ տեղեր կրնա՞յ պահուիլ, Որ ես զանիկա չտեսնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Միթէ երկինքն ու երկիրը լեցնողը ես չե՞մ», կ’ըսէ Տէրը։ «Իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն ըսածները լսեցի, Որոնք կ’ըսեն. ‘Երազ տեսայ, երազ տեսայ’։ Մինչեւ ե՞րբ ասիկա սուտ մարգարէութիւն ընող մարգարէներուն սրտին մէջ պիտի ըլլայ, Որոնք իրենց սրտին նենգութիւններով կը մարգարէանան։ Անոնք իրենց երազներովը, որոնք իրարու կը պատմեն, Իմ անունս իմ ժողովուրդիս մոռցնել կը խորհին, Ինչպէս իրենց հայրերը Բահաղի պատճառով իմ անունս մոռցան։ Երազ տեսնող մարգարէն թող երազ պատմէ, Իսկ իմ խօսքս ունեցողը ճշմարտութեամբ թող իմ խօսքս յայտնէ. «Յարդը ցորենին քով ի՞նչ է», կ’ըսէ Տէրը։ «Միթէ իմ խօսքս կրակի պէս չէ՞, կ’ըսէ Տէրը, Կամ ապառաժը կոտրտող մուրճի պէս չէ՞ »։ «Անոր համար ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք՝ բոլորն ալ իրենց ընկերէն իմ խօսքերս կը գողնան»։ «Ահա ես այն մարգարէներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որոնք իրենց լեզուները կը գործածեն ու կ’ըսեն՝ ‘Անիկա ըսաւ’»։ «Ահա ես այն սուտ երազներ մարգարէացողներուն դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ զանոնք պատմելով իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն Իրենց ստութիւններովն ու սնապարծութիւնովը։ Ես զանոնք չղրկեցի եւ անոնց չպատուիրեցի։ Անոնք այս ժողովուրդին ամենեւին օգուտ մը պիտի չընեն», կ’ըսէ Տէրը։ Երբ այս ժողովուրդէն մէկը՝ Կամ մարգարէ մը կամ քահանայ մը Քեզի հարցնէ ու ըսէ թէ՝ ‘Տէրոջը բեռը ի՞նչ է’, Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Դուք էք Տէրոջը բեռը’։ «Ես ձեզ անշուշտ պիտի լքեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Այն մարգարէն կամ քահանան, կամ ժողովուրդը, Որ Տէրոջը բեռը կ’ըսէ, Այն մարդը ու անոր տունը պիտի պատժեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Ամէն մարդ իր ընկերին Ու ամէն մարդ իր եղբօրը այսպէս պէտք է ըսէ. «Տէրը ի՞նչ պատասխան տուաւ» կամ «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։ Ու ա՛լ Տէրոջը բեռը մի՛ յիշէք. Վասն զի ամէն մարդու բեռ իր խօսքը պիտի ըլլայ. Բայց դուք կենդանի Աստուծոյն, Զօրքերու Տէրոջը, մեր Աստուծոյն, խօսքը փոխեցիք։ Մարգարէին այսպէս պէտք է ըսէք. «Տէրը քեզի ի՞նչ պատասխան տուաւ» կամ «Տէրը ի՞նչ խօսեցաւ»։ Բայց եթէ ‘Տէրոջը բեռը’ կ’ըսէք, Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քանի որ այս խօսքը, այսինքն ‘Տէրոջը բեռը’, կ’ըսէք, Թէեւ ես ձեզի լուր ղրկեցի ու ըսի՝ ‘Տէրոջը բեռը’ մի՛ ըսէք, Անոր համար ահա ես ձեզ բոլորովին պիտի մոռնամ Ու երեսէ պիտի ձգեմ ձեզ եւ Այն քաղաքը, որ ձեզի ու ձեր հայրերուն տուի։ Ձեր վրայ յաւիտենական նախատինք Ու յաւիտենական անարգանք պիտի դնեմ, Որ պիտի չմոռցուի»։ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին՝ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան եւ Յուդայի իշխանները եւ հիւսները ու դարբինները Երուսաղէմէն գերի առնելէն ու Բաբելոն տանելէն ետքը, Տէրը ինծի այս տեսիլքը ցուցուց։ Ահա Տէրոջը տաճարին առջեւ դրուած երկու կողով թուզ կար։ Մէկ կողովին մէջ խիստ աղէկ թուզեր կային՝ կանխահաս թուզերու պէս, իսկ միւս կողովին մէջ խիստ գէշ թուզեր կային, այնպէս որ անկարելի էր զանոնց ուտելը։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ո՞վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Թուզեր։ Աղէկ թուզերը խիստ աղէկ են ու գէշերը շատ գէշ են, այնպէս որ գէշութենէն զանոնք ուտել անկարելի է»։ Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս աղէկ թուզերուն պէս պիտի բռնեմ Յուդայէն գերի քշուածները, որոնք այս տեղէն Քաղդէացիներուն երկիրը ղրկեցի իրենց աղէկ ըլլալու համար։ Իմ աչքերս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ բարութեան համար ու զանոնք այս երկիրը պիտի դարձնեմ եւ զանոնք պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ։ Զանոնք պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ։ Անոնց այնպիսի սիրտ մը պիտի տամ, որ զիս ճանչնան թէ ես եմ Տէրը։ Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան ու ես անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ, վասն զի իրենց բոլոր սրտովը ինծի պիտի դառնան’։ Բայց այս գէշ թուզերուն համար, որոնք գէշութենէ չեն ուտուիր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան ու անոր իշխանները ու Երուսաղէմի մնացորդը, որոնք այս երկրին մէջ մնացեր են, նաեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակողները Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան ու թշուառութեան պիտի մատնեմ, որպէս զի անոնք նախատինքի, ծաղրանքի առարկայ, անարգանք ու անէծք ըլլան այն բոլոր տեղերը, ուր զանոնք պիտի քշեմ։ Անոնց վրայ սուր, սով ու ժանտախտ պիտի ղրկեմ, մինչեւ հատնին այն երկրին վրայէն, որը իրենց ու իրենց հայրերուն տուի»։ Յուդայի թագաւորին Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առաջին տարին էր, բոլոր Յուդայի ժողովուրդին վրայով Երեմիային եղած խօսքն է, Որ Երեմիա մարգարէն բոլոր Յուդայի ժողովուրդին ու բոլոր Երուսաղէմի բնակիչներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային տասնըերեքերորդ տարիէն մինչեւ այսօր, որ քսանըերեք տարի է, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ու ես ձեզի խօսեցայ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք։ Տէրը ձեզի ղրկեց իր բոլոր ծառաները, մարգարէները՝ կանուխ ելլելով, բայց մտիկ չըրիք ու մտիկ ընելու համար ականջնիդ չբացիք, Որոնք կ’ըսէին. ‘Ամէն մէկդ ձեր չար ճամբայէն ու ձեր չար գործերէն ետ դարձէք, որպէս զի յաւիտեան բնակիք այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեզի ու ձեր հայրերուն տուաւ Եւ օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք անոնց ծառայելու ու երկրպագութիւն ընելու համար եւ զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը մի՛ բարկացնէք, որպէս զի ձեզի չարիք չընեմ’։ ‘Բայց դուք ինծի մտիկ չըրիք, կ’ըսէ Տէրը, որպէս զի զիս ձեր ձեռքերուն գործերովը բարկացնէք ու ձեզի գէշ ըլլայ’։ «Ասոր համար զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Որովհետեւ իմ խօսերուս մտիկ չըրիք, ահա ես պիտի ղրկեմ բոլոր հիւսիսի ազգատոհմերը եւ իմ ծառաս՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ պիտի առնեմ, զանոնք այս երկրին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ ու բոլոր այս շրջակայ ազգերուն վրայ պիտի բերեմ, բոլոր երկիրը նզովուածի պէս բնաջինջ պիտի ընեմ, զարմանքի ու սուլելու ենթակայ պիտի ընեմ ու յաւիտենապէս աւերակ պիտի ընեմ։ Անկէ ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն, աղօրիքի ձայն ու ճրագի լոյսը պիտի կորսնցնեմ։ Այս բոլոր երկիրը անապատ ու ամայութիւն պիտի ըլլայ եւ այս ազգերը եօթանասուն տարի Բաբելոնի թագաւորին պիտի ծառայեն»։ «Եօթանասուն տարին լմննալէն ետքը Բաբելոնի թագաւորը ու այն ազգը պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար. նաեւ Քաղդէացիներուն երկիրը պիտի պատժեմ, կ’ըսէ Տէրը եւ զանիկա յաւիտենապէս ամայի պիտի դարձնեմ։ Այն երկրին վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր խօսքերը, որոնք ես անոր դէմ խօսեցայ, այսինքն Երեմիային բոլոր ազգերուն վրայով ըրած մարգարէութեան գրքին մէջ գրուած բոլոր բաները։ Քանզի շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ զանոնք իրենց ծառայ պիտի ընեն ու ես անոնց հատուցում պիտի ընեմ իրենց ըրածներուն ու իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ»։ Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը այսպէս ըսաւ. «Այս բարկութեան գինիի գաւաթը ձեռքէս ա՛ռ ու զանիկա խմցո՛ւր այն բոլոր ազգերուն, որոնց քեզ կը ղրկեմ։ Անոնք պիտի խմեն ու խռովին ու անոնց մէջ ղրկած սուրիս երեսէն պիտի յիմարանան»։ Ուստի Տէրոջը ձեռքէն գաւաթը առի ու խմցուցի այն բոլոր ազգերուն, որոնց Տէրը զիս ղրկեց. Երուսաղէմի ու Յուդայի քաղաքներուն եւ անոր թագաւորներուն ու անոր իշխաններուն, որպէս զի զանոնք անապատ, ամայի, անարգանք ու անէծք ընէ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ. Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին եւ անոր ծառաներուն ու իշխաններուն ու անոր բոլոր ժողովուրդին Եւ բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդներուն ու Հուս երկրին բոլոր թագաւորներուն ու Փղշտացիներու երկրին բոլոր թագաւորներուն, այսինքն Ասկաղոնի, Գազայի ու Ակկարոնի եւ Ազովտոսի մնացորդին. Եդովմի ու Մովաբի ու Ամմոնի որդիներուն Եւ Տիւրոսի բոլոր թագաւորներուն ու Սիդոնի բոլոր թագաւորներուն եւ ծովուն անդիի կողմը եղող կղզիներու թագաւորներուն. Դեդանի ու Թեմայի եւ Բուզի ու իրենց մօրուքին ծայրերը կտրողներուն Եւ Արաբացիներու բոլոր թագաւորներուն ու անապատը բնակող խառնիճաղանճ ժողովուրդին բոլոր թագաւորներուն Եւ Զամբրիի բոլոր թագաւորներուն ու Եղամի բոլոր թագաւորներուն ու Մարերու բոլոր թագաւորներուն Եւ իրարու մօտ կամ հեռու եղող հիւսիսի բոլոր թագաւորներուն ու երկրի երեսին վրայ եղող երկրի բոլոր թագաւորներուն խմցուցի ։ Անոնցմէ ետքը Սիսակի թագաւորը պիտի խմէ։ Ու անոնց ըսի. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Խմեցէ՛ք ու գինովցէ՛ք ու փսխեցէ՛ք, ձեր մէջ ղրկելու սուրիս երեսէն ինկէ՛ք ու մի՛ ելլէք’»։ «Եթէ գաւաթը քու ձեռքէդ առնել չուզեն խմելու համար, այն ատեն անոնց ըսէ՛՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անշուշտ պիտի խմէք’. Քանզի ահա ես իմ անունովս կոչուած քաղաքին վրայ չարիք բերելու սկսայ. միթէ դուք անպատի՞ժ պիտի մնաք։ Ո՛չ, անպատիժ պիտի չմնաք, քանզի երկրի բոլոր բնակիչներուն վրայ սուր պիտի բարձրացնեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Ուստի դուն այս բոլոր խօսքերը մարգարէանալով՝ անոնց ըսէ. ‘Տէրը բարձրէն պիտի գոռայ Ու իր սուրբ բնակութենէն իր ձայնը պիտի տայ. Իր բնակարանին վրայ ահարկու ձայնով պիտի գոռայ, Խաղող կոխողներու աղաղակին պէս Երկրի բոլոր բնակիչներուն դէմ։ Անոր բարձր ձայնը մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի հասնի, Վասն զի Տէրը ազգերուն դէմ ամբաստանութիւն ունի. Անիկա ամէն մարմնի հետ դատ պիտի վարէ Ու ամբարիշտները սուրի պիտի տայ’, կ’ըսէ Տէրը։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա չարիք մը պիտի ելլէ, որ մէկ ազգէ ուրիշ ազգի պիտի անցնի ։ Երկրի ծայրերէն մեծ մրրիկ մը պիտի ելլէ։ Այն օրը Տէրոջմէ սպաննուածները Երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին։ Անոնց համար սուգ պիտի չբռնուի, Անոնք պիտի չհաւաքուին ու պիտի չթաղուին, Երկրի երեսին վրայ աղբի պէս պիտի ըլլան’։ «Ողբացէ՛ք, ո՛վ հովիւներ ու աղաղակեցէ՛ք Եւ մոխիրի մէջ թաւալեցէ՛ք եւ ցիրուցան ըլլալու օրերը մօտեցած են Ու պատուական ամանի պէս պիտի իյնաք։ Հովիւներուն փախչելու ճամբան Եւ հօտին ընտիրներուն փրկութիւնը պիտի կորսուի։ Հովիւներուն աղաղակին ձայնը Եւ հօտին ընտիրներուն ոռնալուն ձայնը լսեցէ՛ք, Վասն զի Տէրը անոնց արօտները աւերեց։ Տէրոջը սաստիկ բարկութեանը երեսէն Խաղաղութեան բնակարանները ամայութեան դարձան։ Առոյգ առիւծի պէս իր բնակարանը թողուց, Քանզի բռնաւորին բարկութեանը երեսէն Ու անոր սաստիկ սրտմտութեանը երեսէն Անոնց երկիրը ամայացաւ»։ Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին թագաւորութեանը սկիզբը՝ Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ՝ ըսելով. «Տէրոջը տանը գաւիթին մէջ կայնէ՛ ու Տէրոջը տունը երկրպագութիւն ընելու եկող Յուդայի բոլոր քաղաքներուն յայտնէ՛ այն ամէն խօսքերը, որոնք քեզի պատուիրեցի անոնց ըսելու համար. խօսք մը զանց մի՛ առներ, Թերեւս մտիկ ընեն ու ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ, ես ալ զղջամ այն չարիքին համար որ անոնց չար գործերուն պատճառով իրենց վրայ բերել կը խորհիմ»։ Անոնց ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ ինծի մտիկ չընելով՝ ձեր առջեւ դրած օրէնքիս մէջ չքալէք Ու ձեզի ղրկած ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ խօսքերուն մտիկ չընէք, որոնք կանուխ ելլելով ղրկեցի ու դուք մտիկ չըրիք, Այն ատեն այս տունը Սելովին պէս պիտի ընեմ եւ այս քաղաքը երկրին բոլոր ազգերուն անէծք պիտի ընեմ’»։ Քահանաները եւ մարգարէներն ու բոլոր ժողովուրդը լսեցին, երբ Երեմիա Տէրոջը տանը մէջ այս խօսքերը կը խօսէր։ Երբ Երեմիա լմնցուց այն բոլոր խօսքերը, որոնք Տէրը հրամայեր էր բոլոր ժողովուրդին ըսելու, քահանաներն ու մարգարէները ու բոլոր ժողովուրդը զանիկա բռնեցին ու ըսին. «Դուն անպատճառ պիտի մեռնիս. Ինչո՞ւ համար Տէրոջը անունովը մարգարէութիւն ըրիր՝ ըսելով. ‘Այս տունը Սելովի պէս պիտի ըլլայ եւ հոն բնակիչ պիտի չմնայ’»։ Բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը տանը մէջ Երեմիայի վրայ հաւաքուեցաւ։ Երբ Յուդայի իշխանները այս բաները լսեցին, թագաւորին տունէն Տէրոջը տունը գացին եւ Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը նստան։ Քահանաները եւ մարգարէները իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցան ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի է, քանզի այս քաղաքին դէմ մարգարէութիւն ըրաւ, ինչպէս դուք ձեր ականջներով լսեցիք»։ Երեմիան բոլոր իշխաններուն ու բոլոր ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Տէրը զիս ղրկեց, որ այս տանը ու այս քաղաքին վրայով ձեր լսած բոլոր խօսքերը ըսելով՝ մարգարէութիւն ընեմ։ Ուստի ձեր ճամբաներն ու գործերը ուղղեցէք եւ ձեր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ըրէք եւ Տէրը ձեր վրայով ըսած չարիքին համար պիտի զղջայ։ Բայց ես ահա ձեր ձեռքն եմ. ձեր աչքին աղէկ ու շիտակ երեւցածը ըրէ՛ք ինծի. Սակայն աղէկ գիտցէ՛ք թէ եթէ դուք զիս մեռցնէք, ձեր վրայ ու այս քաղաքին վրայ եւ անոր բնակիչներուն վրայ անշուշտ անմեղ արեան պատիժը պիտի բերէք. վասն զի իրապէս Տէրը զիս ձեզի ղրկեց, որպէս զի այս բոլոր խօսքերը ձեր ականջներուն ըսեմ»։ Այն ատեն իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը քահանաներուն ու մարգարէներուն ըսին. «Այս մարդը մեռնելու արժանի չէ, վասն զի մեր Տէր Աստուծոյն անունովը մեզի խօսեր է»։ Ու երկրին ծերերէն քանի մը մարդիկ ելան եւ հաւաքուած բոլոր ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Յուդայի Եզեկիա թագաւորին օրերը Մօրստացի Միքիան մարգարէութիւն ըրաւ եւ բոլոր Յուդայի ժողովուրդին խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի ու Երուսաղէմ աւերակներու դէզերու ու Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ»։ Միթէ Յուդայի Եզեկիա թագաւորն ու բոլոր Յուդան զանիկա մեռցուցի՞ն. չէ՞ որ անիկա Տէրոջմէ վախնալով՝ Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ եւ Տէրը անոնց վրայով ըսած չարիքին համար զղջաց. ուրեմն մենք մեծ չարիք մը ըրած կ’ըլլանք մեր անձերուն»։ Նաեւ Կարիաթարիմէն Սեմայիայի որդին Ուրիա անունով մարդ մը կար, որ Տէրոջը անունով մարգարէութիւն կ’ընէր։ Անիկա այս քաղաքին վրայ ու այս երկրին վրայ Երեմիային բոլոր խօսքերուն պէս մարգարէացաւ։ Երբ Յովակիմ թագաւորն ու անոր բոլոր զօրաւոր մարդիկը ու բոլոր իշխանները անոր խօսքերը լսեցին, թագաւորը ուզեց որ զանիկա մեռցնէ. բայց Ուրիան այս բանը լսելով՝ վախցաւ ու փախաւ Եգիպտոս գնաց։ Յովակիմ թագաւորը մարդիկ ղրկեց Եգիպտոս եւ Աքոբորի որդին Եղնաթանը ու անոր հետ քանի մը մարդիկ։ Անոնք Ուրիան Եգիպտոսէն հանեցին ու Յովակիմ թագաւորին բերին, ան ալ զանիկա սուրով զարկաւ ու անոր մարմինը ժողովուրդին որդիներուն գերեզմանները նետեց։ Բայց Սափանի որդին Աքիկամին ձեռքը Երեմիային հետ էր, որ չըլլայ թէ անիկա ժողովուրդին ձեռքը մատնուելով՝ մեռցուի։ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Տէրոջը կողմէ Երեմիային այս խօսքը եղաւ՝ ըսելով. Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Քեզի կապեր ու լուծեր շինէ՛ ու զանոնք պարանոցիդ վրայ դիր։ Զանոնք Երուսաղէմ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին եկող դեսպաններուն ձեռքով Եդովմի թագաւորին ու Մովաբի թագաւորին ու Ամմոնին որդիներուն թագաւորին եւ Տիւրոսի թագաւորին ու Սիդոնի թագաւորին ղրկէ՛։ Անոնց պատուէր տո՛ւր իրենց տէրերուն համար ու ըսէ. ‘Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր տէրերուն այսպէս ըսէք. «Ես իմ զօրութիւնովս ու երկնցած բազուկովս երկիրը, մարդը ու երկրին երեսին վրայ եղող անասունները ստեղծեցի եւ զանիկա կու տամ, որու որ իմ աչքիս առջեւ հաճոյ երեւնայ տալ ։ Եւ հիմա այս բոլոր երկիրները ես իմ ծառայիս, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը կու տամ ու դաշտի գազաններն ալ անոր կու տամ, որպէս զի անոր ծառայութիւն ընեն։ Բոլոր ազգերը ծառայութիւն պիտի ընեն անոր ու անոր որդիին ու անոր որդիին որդիին, մինչեւ անոր երկրին ժամանակն ալ հասնի ու շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ զանիկա ալ իրենց ծառայ ընեն։ Բայց այն ազգը կամ թագաւորութիւնը, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն չ’ըներ ու իր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ չի դներ, այն ազգը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի պատժեմ, մինչեւ զանոնք անոր ձեռքով հատցնեմ»’»։ «Դուք մտիկ մի՛ ընէք ձեր մարգարէներուն, բաղդ նայողներուն, երազատեսներուն, գուշակողներուն ու կախարդներուն, որոնք ձեզի կ’ըսեն՝ ‘Բաբելոնի թագաւորին ծառայ պիտի չըլլաք’. Քանզի անոնք ձեզի սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, որպէս զի ձեր երկրին վրայէն ձեզ հեռացնեն ու ես ձեզ վռնտեմ ու կորսուիք։ Բայց իր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դնող եւ անոր ծառայութիւն ընող ազգը անշուշտ իր երկրին վրայ հանգիստ պիտի թողում, կ’ըսէ Տէրը ու պիտի մշակէ զանիկա ու անոր մէջ պիտի բնակի»։ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին ալ այս բոլոր խօսքերուն համեմատ ըսի. «Ձեր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դրէ՛ք եւ անոր ու անոր ժողովուրդին ծառայութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի ապրիք։ Ինչո՞ւ համար դուն ու քու ժողովուրդդ սուրով, սովով ու ժանտախտով մեռնիք, ինչպէս Տէրը Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն չընող ազգին համար ըսաւ։ Դուք մտիկ մի՛ ընէք այն մարգարէներուն խօսքերուն, որոնք ձեզի կ’ըսեն. ‘Բաբելոնի թագաւորին ծառայ պիտի չըլլաք’, վասն զի անոնք ձեզի սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն. Քանզի ‘Ես զանոնք չղրկեցի, կ’ըսէ Տէրը, հապա անոնք իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, որպէս զի ես ձեզ վռնտեմ եւ դուք ու ձեզի մարգարէութիւն ընող մարգարէները կորսուիք’»։ Ես քահանաներուն եւ այս բոլոր ժողովուրդին ըսի. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր մարգարէներուն խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք, որոնք ձեզի մարգարէութիւն կ’ընեն՝ ըսելով. ‘Ահա Տէրոջը տանը անօթները մօտերս Բաբելոնէն ետ պիտի բերուին’, քանզի անոնք սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն ձեզի։ Անոնց մտիկ մի՛ ընէք։ Բաբելոնի թագաւորին ծառայեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք. ինչո՞ւ այս քաղաքը աւերակ ըլլայ։ Բայց եթէ անոնք մարգարէներ են ու եթէ անոնց քով Տէրոջը խօսքը կայ, թող հիմա զօրքերու Տէրոջը աղօթք ընեն, որպէս զի Տէրոջը տանը մէջ եւ Յուդայի թագաւորին տանը մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթները Բաբելոն չտարուին»։ Վասն զի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սիւներուն ու ծովին եւ մեքենովթներուն ու այս քաղաքին մէջ մնացած անօթներուն համար, Որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը չառաւ, երբ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ազնուականները Երուսաղէմէն Բաբելոն գերի տարաւ. Նաեւ Տէրոջը տանը մէջ եւ Յուդայի թագաւորին տանը մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթներուն համար՝ Անոնք Բաբելոն պիտի տարուին եւ հոն պիտի մնան մինչեւ այն օրը երբ անոնց այցելութիւն ընեմ, կ’ըսէ Տէրը. ետքը զանոնք պիտի հանեմ ու այս տեղ պիտի դարձնեմ»։ Նոյն տարին Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը, չորրորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, Գաբաւոնէն եղող Ազուրի որդին Անանիա մարգարէն Տէրոջը տանը մէջ քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ ինծի ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Բաբելոնի թագաւորին լուծը կոտրեցի։ Երկու տարիէն, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին այս տեղէն առած ու Բաբելոն տարած Տէրոջը տանը բոլոր անօթները այս տեղ պիտի դարձնեմ Եւ Յուդայի թագաւոր Յովակիմին որդին Յեքոնիան ու Բաբելոն տարուած բոլոր գերիները այս տեղ պիտի դարձնեմ, վասն զի Բաբելոնի թագաւորին լուծը պիտի կոտրեմ’»։ Այն ատեն Երեմիա մարգարէն, Տէրոջը տանը մէջ կայնող բոլոր քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ Անանիա մարգարէին խօսեցաւ Ու ըսաւ. «Ամէ՛ն. Տէրը այնպէս թող ընէ. Տէրը քու մարգարէացած խօսքերդ թող հաստատէ՛ ու Տէրոջը տանը անօթները ու բոլոր գերիները Բաբելոնէն այս տեղ թող դարձնէ՛։ Բայց հիմա քու ականջներուդ եւ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այս իմ խօսքիս մտիկ ըրէ. Ինծմէ առաջ ու քեզմէ առաջ, սկիզբէն ի վեր եկող մարգարէները շատ երկիրներու դէմ ու մեծ թագաւորութիւններու դէմ՝ պատերազմի, չարիքի ու ժանտախտի վրայով մարգարէացան։ Երբ մարգարէ մը խաղաղութիւն կը մարգարէանայ ու այն մարգարէին խօսքը կը կատարուի, այն ատեն կը հասկցուի թէ անիկա ճշմարտապէս Տէրոջմէ ղրկուած մարգարէ մըն է’»։ Այն ատեն Անանիա մարգարէն Երեմիա մարգարէին պարանոցէն լուծը առաւ ու զանիկա կոտրեց։ Եւ Անանիան բոլոր ժողովուրդին աչքին առջեւ ըսաւ՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Երկու տարիէն Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին լուծը բոլոր ազգերու պարանոցին վրայէն այսպէս պիտի կոտրեմ»։ Երեմիա մարգարէն իր ճամբան գնաց։ Անանիա մարգարէին՝ Երեմիա մարգարէին պարանոցին վրայէն լուծը կոտրելէն ետքը, Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. «Գնա՛ Անանիային ըսէ՛՝ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն փայտէ լուծերը կոտրեցիր, սակայն անոնց տեղ երկաթէ լուծեր պիտի շինես։ Քանզի զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս բոլոր ազգերուն պարանոցին վրայ երկաթէ լուծ դրի, որպէս զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն ընեն, անոր ծառայեն։ Դաշտի գազաններն ալ անոր տուի’»։ Երեմիա մարգարէն Անանիա մարգարէին ըսաւ. «Հիմա լսէ՛, ո՛վ Անանիա, Տէրը քեզ ղրկած չէ ու դուն այս ժողովուրդը մղեցիր, որ ստութեան յուսան։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզ երկրի երեսէն պիտի վռնտեմ. դուն այս տարի պիտի մեռնիս, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն յառաջացուցիր’»։ Անանիա մարգարէն այդ տարուան եօթներորդ ամսուան մէջ մեռաւ։ Ասոնք են այն նամակին խօսքերը, որոնք Երեմիա մարգարէն Երուսաղէմէն ղրկեց գերիներէն մնացած ծերերուն, քահանաներուն եւ մարգարէներուն ու բոլոր ժողովուրդին, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէն Բաբելոն քշեր էր, Յեքոնիա թագաւորին եւ թագուհիին ու պալատականներուն, Յուդայի ու Երուսաղէմի իշխաններուն ու հիւսներուն եւ դարբիններուն Երուսաղէմէն ելլելէն ետքը, Սափանի որդիին Եղիասային ու Քեղկիայի որդիին Գամարիային միջոցով (որոնք Յուդայի թագաւորը Սեդեկիա Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին Բաբելոն ղրկեր էր)։ «Այսպէս կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ բոլոր գերիներուդ, որոնք Երուսաղէմէն Բաբելոն քշել տուեր եմ. ‘Տուներ շինեցէ՛ք ու բնակեցէ՛ք, պարտէզներ տնկեցէ՛ք ու անոնց պտուղը կերէ՛ք, Կիներ առէ՛ք ու տղաքներ ու աղջիկներ ունեցէ՛ք ու ձեր տղոցը կիներ առէ՛ք եւ ձեր աղջիկները այրերու տուէ՛ք, որպես զի տղաքներ ու աղջիկներ ծնանին եւ հոդ բազմացէ՛ք ու մի՛ քիչնաք։ Այն քաղաքին խաղաղութիւնը փնտռեցէ՛ք, ուր ձեզ քշել տուեր եմ եւ անոր համար Տէրոջը աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի անոր խաղաղութիւնովը ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’։ Քանզի զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր մէջ եղող ձեր մարգարէները ու ձեր բաղդ նայողները ձեզ թող չխաբեն եւ ձեր տեսած երազներուն մտիկ մի՛ ընէք։ Վասն զի իմ անունովս սուտ մարգարէութիւններ կ’ընեն ձեզի։ Ես զանոնք չղրկեցի’։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երբ Բաբելոնի եօթանասուն տարին լմննայ, ձեզի պիտի այցելեմ եւ ձեզ այս տեղ պիտի դարձնեմ եւ իմ բարի խոստումս պիտի կատարեմ։ Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու։ Դուք ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ։ Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, վասն զի ձեր բոլոր սրտովը պիտի խնդրէք զիս Ու ես ձեզի պիտի երեւիմ’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Ձեզ գերութենէ ետ պիտի դարձնեմ ու ձեզ պիտի հաւաքեմ բոլոր ազգերէն ու այն բոլոր տեղերէն, ուր ձեզ ցրուեր էի’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Ձեզ պիտի դարձնեմ այն տեղը, ուրկէ ձեզ գերութեան քշել տուի’։ (Վասն զի դուք ըսիք թէ Տէրը մեզի Բաբելոնի մէջ մարգարէներ հանեց)։ Քանզի Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորին համար ու այս քաղաքին մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդին համար ձեզի հետ գերութեան չգացող եղբայրներուն համար Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես անոնց մէջ պիտի ղրկեմ սուրը, սովն ու ժանտախտը եւ զանոնք խիստ գէշ թուզերու պէս պիտի ընեմ, որոնք գէշութենէն չեն ուտուիր Ու զանոնք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի հալածեմ եւ զանոնք նեղութիւն կրելու պիտի մատնեմ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ ու զանոնք անէծքի, զարմանքի, սուլելու ու նախատինքի ենթակայ պիտի ընեմ այն բոլոր ազգերուն մէջ, ուր զանոնք պիտի քշեմ. Որովհետեւ իմ խօսքերուս մտիկ չըրին’, կ’ըսէ Տէրը։ Երբ իմ ծառաներս՝ մարգարէները ձեզի ղրկեցի, կանուխ ելլելով, բայց դուք մտիկ չըրիք’։ Ուրեմն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք, ո՛վ բոլոր գերիներ, որոնք Երուսաղէմէն Բաբելոն ղրկեցի։ Իմ անունովս ձեզի սուտ մարգարէութիւն ընող Կովղիայի որդիին Աքաաբին վրայով ու Մաասիային որդիին Սեդեկիային վրայով զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես զանոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որը զանոնք ձեր աչքերուն առջեւ պիտի զարնէ Եւ Բաբելոն եղող Յուդայի բոլոր գերիներուն մէջ՝ այս անէծքը կը գործածուի. «Տէրը քեզ Բաբելոնի թագաւորին կրակի մէջ խորոված Սեդեկիային ու Աքաաբին պէս ընէ»։ Վասն զի Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն գործեցին եւ իրենց ընկերներուն կիներուն հետ շնութիւն ըրին ու իմ անունովս սուտ խօսեցան, որոնք ես անոնց չհրամայեցի. բայց ես գիտեմ ու վկայ եմ, կ’ըսէ Տէրը’»։ Նեհելամացի Սեմայիային խօսէ՛ ու ըսէ՛, Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Քանի որ դուն Երուսաղէմ եղող բոլոր ժողովուրդին եւ Մաասիայի որդիին Սոփանիա քահանային ու բոլոր քահանաներուն քու անունովդ թուղթեր ղրկեցիր՝ ըսելով. ‘Տէրը քեզ Յովիադա քահանային տեղ քահանայ դրաւ, որպէս զի Տէրոջը տանը վերակացու ըլլաս ու ամէն խելացնոր մարդ, որ զինք մարգարէ կը ձեւացնէ, կոճղի ու երկաթի մէջ դնես։ Հիմա ինչո՞ւ համար ձեզի մարգարէութիւն ընող Անաթովթացի Երեմիան չյանդիմանեցիր։ Վասն զի անիկա մեզի այսպէս նամակ ղրկեց Բաբելոն ու ըսաւ. «Այս գերութիւնը պիտի երկննայ. տուներ շինեցէ՛ք ու բնակեցէ՛ք, պարտէզներ տնկեցէ՛ք եւ անոնց պտուղը կերէ՛ք’»։ Սոփոնիան կարդաց այս թուղթը Երեմիա մարգարէին ականջներուն Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. «Բոլոր գերիներուն լուր ղրկէ՛ ու ըսէ՛. Նեհելամացի Սեմայիային համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Սեմայիա ձեզի մարգարէութիւն ըրաւ, թէպէտեւ զանիկա ես չղրկեցի ու ձեզ մղեց որ ստութեան յուսաք, Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Նեհելամացի Սեմայիան ու անոր սերունդը պիտի պատժեմ. այս ժողովուրդին մէջ բնակող անոնցմէ մէկ մարդ պիտի չմնայ եւ իմ ժողովուրդիս ընելու բարիքս անիկա պիտի չտեսնէ, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն յառաջացուց’»։ Տէրոջը կողմանէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ՝ Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կը խօսի ու կ’ըսէ. «Բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գրքի մը մէջ գրէ՛. Քանզի ահա օրեր պիտի գան, երբ իմ ժողովուրդս Իսրայէլն ու Յուդան գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք իրենց հայրերուն տուած երկիրս պիտի դարձնեմ, որ զանիկա ժառանգեն»։ Եւ Իսրայէլի համար ու Յուդայի համար Տէրոջը ըսած խօսքերը ասոնք են. «Սոսկալի ձայն մը լսեցինք, Վախ կայ ու խաղաղութիւն չկայ։ Հիմա հարցուցէ՛ք ու տեսէ՛ք, Թէ արդեօք այր մարդը զաւակ կը ծնանի՞. Ինչո՞ւ համար ամէն կտրիճ Ծննդական կնոջ պէս ձեռքերը մէջքը դրած Ու բոլորին երեսները դեղնած կը տեսնեմ։ Վա՜յ, քանզի անիկա մեծ օր է, անոր պէս չկայ։ Անիկա Յակոբին նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, Բայց անկէ պիտի ազատի։ «Վասն զի այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Անոր լուծը անոնց պարանոցէն պիտի կոտրեմ Եւ կապերը պիտի փրցնեմ Ու անգամ մըն ալ օտարներուն պիտի չծառայեն. Հապա անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն Ու Դաւիթ թագաւորին ծառայութիւն պիտի ընեն, Որ ես պիտի հանեմ անոնց։ «Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար Ու ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր. Քանզի ահա ես քեզ պիտի պահեմ Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեանը երկրէն պիտի ազատեմ։ Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ։ «Վասն զի ես քեզ ազատելու համար քեզի հետ եմ, կ’ըսէ Տէրը. Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը, Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի, Բայց քեզ պիտի չսպառեմ, Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ, Սակայն քեզ բոլորովին պիտի չհանեմ»։ Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քու հարուածդ անբժշկելի է ու վէրքդ անդարմանելի է. Զանիկա դարմանելու համար քու դատդ տեսնող մը չկայ. Քեզի համար դեղ ու սպեղանի չկայ։ Քու բոլոր հոմանիներդ քեզ մոռցան, Քեզ չեն փնտռեր։ Վասն զի քեզ թշնամիի հարուածով, Անգութ մէկուն պատիժովը զարկի՝ Քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար, Քանզի քու մեղքերդ շատցան։ Քու վէրքիդ համար ինչո՞ւ կ’աղաղակես։ Քու ցաւդ անբժշկելի է։ Այդ բաները քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար քեզի ըրի, Քանզի քու մեղքերդ շատցան։ Անոր համար ամէն անոնք, որ քեզ կը կլլեն, պիտի կլլուին։ Քու բոլոր թշնամիներդ գերութեան պիտի երթան։ Քեզ յափշտակողները պիտի յափշտակուին։ Քեզ կողոպտողները կողոպտուելու պիտի մատնեմ. Վասն զի քու վէրքդ պիտի դարմանեմ Եւ քու վէրքդ պիտի բժշկեմ, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի քեզ ‘Աքսորուած’ կոչեցին, ‘Այս այն Սիօնն է, որ փնտռող չկայ’, ըսին »։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Յակոբին վրանները գերութենէ պիտի դարձնեմ, Անոր բնակարաններուն պիտի ողորմիմ։ Քաղաքը իր աւերակներուն վրայ պիտի շինուի Եւ պալատը առաջուան պէս՝ ՝ պիտի վերականգնի։ Անոնցմէ պիտի լսուի գովութեան երգ եւ Ուրախութեան ձայն։ Զանոնք պիտի շատցնեմ ու պիտի չքիչնան, Զանոնք պիտի փառաւորեմ ու պզտիկ պիտի չըլլան։ Անոնց տղաքները առաջուան պէս պիտի ըլլան, Անոնց ժողովը իմ առջեւս պիտի հաստատուի Ու բոլոր անոնց նեղութիւն տուողները պիտի պատժեմ։ Անոնց իշխանը իրենցմէ պիտի ըլլայ, Անոնց վրայ տիրողը իրենց մէջէն պիտի ելլէ։ Զանիկա պիտի մօտեցնեմ ու ինծի մօտ պիտի ըլլայ. Վասն զի ո՞վ է անիկա, որ իր սիրտը պատրաստեց ինծի մօտենալու։ Դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք, Ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ»։ Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ։ Անիկա աւլող մրրիկ է, Ամբարիշտներուն վրայ պիտի յարձակի։ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ, Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չգործադրէ։ Վերջին օրերը ասիկա պիտի հասկնաք։ «Այն ատեն, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի բոլոր ազգատոհմերուն Աստուած պիտի ըլլամ Ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սուրէն փախած ժողովուրդը անապատին մէջ շնորհք գտաւ, Երբ Իսրայէլ կ’երթար հանգստութիւն գտնելու՝ ՝»։ Տէրը շատոնցմէ ինծի երեւցաւ՝ ըսելով. «Քեզ յաւիտենական սիրով սիրեցի. Անոր համար ողորմութեամբ քեզ քաշեցի՝ ՝։ Քեզ նորէն պիտի շինեմ ու պիտի շինուիս, ո՛վ Իսրայէլ։ Նորէն քու թմբուկներդ պիտի առնես Եւ ցնծութեամբ պար բռնողներուն խումբին հետ պիտի միանաս։ Նորէն Սամարիայի լեռներուն վրայ այգիներ պիտի տնկես։ Տնկողները պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Վասն զի օր պիտի գայ, երբ Եփրեմի լերանը վրայի պահապանները պիտի կանչեն. ‘Ելէ՛ք ու մեր Տէր Աստուծոյն՝ դէպի Սիօն երթանք’»։ Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Յակոբին համար ուրախութեամբ երգեցէ՛ք Եւ ազգերուն ղեկավարին համար ցնծացէ՛ք. Ձա՛յն տուէք, օրհնեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. ‘Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդդ՝ Իսրայէլի մնացորդը՝ փրկէ՛’։ Ահա ես զանոնք հիւսիսի երկրէն պիտի բերեմ Ու զանոնք՝ երկրի ծայրերէն Ու անոնց հետ կոյրն ու կաղը, Յղին ու ծնած կինը զաւակներով մէկտեղ պիտի հաւաքեմ։ Մեծ խումբ մը հոս պիտի դառնայ։ Լալով պիտի գան ու աղաչանքներով զանոնք պիտի բերեմ. Զանոնք ջուրերու վտակներուն քովէն պիտի պտըտցնեմ, Շիտակ ճամբայէն, որուն մէջ պիտի չգայթին. Վասն զի Իսրայէլին հա՛յր եղայ Ու Եփրեմը իմ անդրանիկս է։ «Ո՛վ ազգեր, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք Ու հեռաւոր կղզիներուն պատմեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. ‘Իսրայէլը ցրուողը զանիկա պիտի հաւաքէ Եւ զանիկա պիտի պահպանէ, ինչպէս հովիւը իր հօտը կը պահպանէ ’։ Քանզի Տէրը փրկեց Յակոբը Ու զանիկա իրմէ զօրաւորին ձեռքէն ազատեց։ Եւ անոնք պիտի գան ու Սիօնի բարձրութեանը վրայ ուրախութեան ձայն պիտի վերցնեն Եւ պիտի դիմեն Տէրոջը բարիքներուն, Այսինքն ցորենին ու գինիին ու իւղին Եւ հօտերուն ու արջառներուն։ Անոնց անձերը ջրուած պարտէզի պէս պիտի ըլլան Ու ա՛լ պիտի չնուաղին։ Այն ատեն կոյսը պար բռնելով պիտի ուրախանայ, Նաեւ երիտասարդները եւ ծերերը մէկտեղ։ Վասն զի անոնց սուգը ուրախութեան պիտի փոխեմ Եւ զանոնք տրտմութենէն պիտի ուրախացնեմ։ Քահանաներուն հոգիները պարարտութիւնով պիտի լեցնեմ։ Իմ ժողովուրդս իմ բարիքներովս պիտի կշտանայ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, Ողբի ու դառնագին լացի ձայն։ Ռաքէլ իր տղոցը համար կու լար Եւ իր տղոցը համար մխիթարուիլ չէր ուզեր, Վասն զի անոնք չկային»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քու ձայնդ լալէն Եւ աչքերդ արցունքէն դադրեցո՛ւր։ Վասն զի քու գործիդ համար վարձք կայ Ու թշնամիին երկրէն պիտի դառնան»։ «Քու ապագայիդ համար յոյս կայ, կ’ըսէ Տէրը, Թէ քու տղաքներդ իրենց սեփական երկիրը պիտի դառնան»։ «Յիրաւի Եփրեմին այսպէս ողբալը լսեցի. ‘Զիս խրատեցիր ու խրատուեցայ՝ Լուծի չսորված զուարակի պէս. Զիս դարձո՛ւր, որպէս զի դառնամ, Վասն զի իմ Տէր Աստուածս դո՛ւն ես։ Իրաւցընէ դառնալէս ետքը զղջացի Ու կրթուելէս ետքը իմ ազդրիս զարկի. Ամչցայ ու նախատուեցայ, Վասն զի մանկութեանս անարգանքը կրեցի’։ Միթէ Եփրեմ իմ պատուական որդի՞ս է, Կամ սիրական զաւա՞կ մըն է. Վասն զի երբ ես անոր վրայով խօսիմ, Շարունակ զանիկա կը յիշեմ. Այս պատճառով իմ աղիքս կը գալարի անոր համար. ‘Անշուշտ անոր ողորմութիւն պիտի ընեմ’ կ’ըսէ Տէրը։ Քեզի կոթողներ կանգնեցո՛ւր, քեզի սիւներ տնկէ՛, Սիրտդ մեծ ճամբուն՝ քու գացած շաւիղիդ՝ դի՛ր։ Դարձի՛ր, ո՛վ Իսրայէլի կոյս, Այս քու քաղաքներդ դարձիր։ Ո՛վ ապստամբ աղջիկ, Մինչեւ ե՞րբ աստանդական պիտի շրջիս, Քանզի Տէրը երկրի վրայ նոր բան ստեղծեց, Կին մարդը պիտի պաշտպանէ այր մարդը»։ Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Այսուհետեւ Յուդայի երկրին մէջ Ու անոր քաղաքներուն մէջ այս խօսքը պիտի ըսեն՝ Երբ անոնք գերութենէ դարձնեմ. ‘Տէրը քեզ օրհնէ, Ո՛վ արդարութեան բնակարան, սո՛ւրբ լեռ’։ Եւ հոն, Յուդայի մէջ ու միանգամայն անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ Երկրագործներ ու հօտերու հետ չուողներ պիտի բնակին։ Քանզի յոգնած հոգին պիտի զովացնեմ Ու ամէն մարած հոգի պիտի կշտացնեմ»։ Ասոր վրայ արթնցայ ու նայեցայ Եւ իմ քունս ինծի անոյշ էր։ «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Իսրայէլին տունը եւ Յուդային տունը Մարդու սերմ ու անասունի սերմ պիտի ցանեմ։ Ինչպէս խլելու, փլցնելու, աւերելու Եւ կորսնցնելու ու չարիք հասցնելու համար Անոնց վրայ հսկեցի, Նոյնպէս ալ շինելու ու տնկելու համար Անոնց վրայ պիտի հսկեմ, կ’ըսէ Տէրը։ Այն օրերը անգամ մըն ալ պիտի չըսեն. ‘Հայրերը ազոխ կերան Ու որդիներուն ակռաները առին’. Հապա ամէն մարդ իր անօրէնութեանը համար պիտի մեռնի. Ով որ ազոխ ուտէ, Անոր ակռաները պիտի առնեն»։ «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Եւ Իսրայէլին տանը հետ ու Յուդային տանը հետ Նոր ուխտ պիտի ընեմ, Ո՛չ թէ այն ուխտին պէս, որ անոնց հայրերուն ըրի Այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի՝ Զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար. Քանզի անոնք իմ ուխտս զանց ըրին, Ես ալ զանոնք մերժեցի՝ ՝», կ’ըսէ Տէրը. Բայց այն օրերէն ետքը Իսրայէլի տանը հետ ընելու ուխտս ասիկա է. «Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ Ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ Ու անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին Ու ուրիշ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ՝ Ըսելով. ‘Տէրը ճանչցիր’. Հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը Ամէնքը զիս պիտի ճանչնան, Վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ Ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, Որ արեւը հաստատեց օրուան լոյսին համար Եւ գիշերուան լոյսին համար լուսինին ու աստղերուն կանոններ դրաւ, Որ ծովը կը յանդիմանէ, երբ անոր ալիքները կը գոռան. Անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։ «Եթէ այս կանոնները իմ առջեւէս դադարին, Իսրայէլի սերունդն ալ իմ առջեւէս ազգ ըլլալէ պիտի դադարի»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եթէ երկինքը կրնայ վերէն չափուիլ Ու երկրին հիմերը՝ վարէն քննուիլ, Ես ալ Իսրայէլի բոլոր սերունդը, Իրենց բոլոր ըրածներուն համար պիտի մերժեմ»։ «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ Անկեան դուռը Քաղաքը Տէրոջը համար պիտի շինուի Եւ չափին լարը անկէ Մինչեւ Գարեբին բլուրը պիտի ելլէ Ու դէպի Գոաթ պիտի դառնայ Եւ դիակներուն ու մոխիրներուն բոլոր ձորը Ու բոլոր արտերը մինչեւ Կեդրոն հեղեղատը, Մինչեւ Ձիերուն դրանը անկիւնը՝ դէպի արեւելք, Սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը. Անգամ մըն ալ պիտի չքակուի ու պիտի չփլչի յաւիտեան։ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին տասներորդ տարին, այսինքն Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին, Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է։ Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմը կը պաշարէր ու Երեմիա մարգարէն Յուդայի թագաւորին տունը եղող բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր։ Վասն զի Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը զանիկա բանտարկեց՝ ըսելով. «Դուն ինչո՞ւ համար մարգարէութիւն ըրիր ու ըսիր թէ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ ու զանիկա պիտի առնէ Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը Քաղդէացիներուն ձեռքէն պիտի չազատի. հապա անշուշտ Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի ու անոր հետ բերան առ բերան պիտի խօսի եւ անոր հետ աչք աչքի պիտի տեսնուի։ Ու անիկա Սեդեկիան Բաբելոն պիտի տանի ու Սեդեկիա հոն պիտի մնայ մինչեւ ես անոր այցելեմ, կ’ըսէ Տէրը. եթէ Քաղդէացիներուն հետ պատերազմ ընէք, յաջողութիւն պիտի չգտնէք»։ Այն ատեն Երեմիան ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. ‘Ահա քու հօրեղբօրդ Սեղղումին որդին՝ Անամայէլը քեզի պիտի գայ ու պիտի ըսէ. «Անաթովթի մէջ եղող ագարակս քեզի ծախու առ, վասն զի ազգականութեան իրաւունքով քեզի կ’իյնայ, որ ծախու առնես»։ Եւ Տէրոջը խօսքին համեմատ իմ հօրեղբօրս որդին Անամայէլը ինծի եկաւ բանտին գաւիթը ու ինծի ըսաւ. ‘Շնորհք ըրէ՛, Բենիամինին երկիրը Անաթովթի մէջ ունեցած ագարակս ծախու ա՛ռ, վասն զի ժառանգութեան իրաւունքը քուկդ է ու քեզի կ’իյնայ, որ փրկես, քեզի ծախու ա՛ռ’։ Այն ատեն գիտցայ թէ ասիկա Տէրոջը խօսքն էր։ «Եւ հօրեղբօրս որդիէն, Անամայէլէն, Անաթովթի մէջ եղող ագարակը ծախու առի ու ստակը տասնըեօթը սիկղ արծաթ կշռեցի անոր։ Մուրհակ մը գրեցի ու կնքեցի ու վկաներ բռնեցի եւ արծաթը կշիռքով կշռեցի։ Ստացուածքին մուրհակը, թէ՛ հրամանին ու կանոններուն համեմատ կնքուածը եւ թէ՛ բաց եղածը առի։ Ու ստացուածքին մուրհակը, հօրեղբօրս որդիին Անամայէլին աչքերուն առջեւ ու ստացուածքի մուրհակին մէջ գրուող վկաներուն աչքերուն առջեւ, բանտի գաւիթին մէջ նստող բոլոր Հրեաներուն աչքերուն առջեւ, Մաասիային որդիին Ներիային որդիին Բարուքին տուի։ Անոնց աչքերուն առջեւ, Բարուքին պատուիրեցի ու ըսի. ‘Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Այս մուրհակները, այս կնքուած ստացուածքին մուրհակը ու այս բաց մուրհակը ա՛ռ եւ զանոնք հողէ ամանի մը մէջ դիր, որպէս զի շատ օրեր մնան։ Քանզի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս երկրին մէջ նորէն տուներ ու ագարակներ եւ այգիներ ծախու պիտի առնուին’։ Ստացուածքին մուրհակը Ներիային որդիին Բարուքին տալէս ետքը, Տէրոջը աղօթք ըրի ու ըսի. ‘Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու երկնցած բազուկովդ երկինքն ու երկիրը ստեղծեցիր. ոեւէ բան քեզի դժուար չէ։ Դուն հազարներուն ողորմութիւն կ’ընես ու հայրերուն անօրէնութեան պատիժը անոնցմէ ետքը անոնց որդիներուն կու տաս. դուն մեծ ու հզօր Աստուած ես եւ քու անունդ Զօրքերու Տէր է։ Դուն խորհուրդով՝ մեծ ու գործով զօրաւոր ես, այնպէս որ ամէն մէկուն իր ճամբաներուն համեմատ ու անոր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընելու համար՝ քու աչքերդ մարդոց որդիներուն բոլոր ճամբաներուն վրայ բաց են։ Դուն մինչեւ այսօր Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Իսրայէլի մէջ եւ բոլոր մարդոց մէջ նշաններ ու հրաշքներ ընելով՝ քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։ Քու ժողովուրդդ Իսրայէլը, նշաններով ու հրաշքներով եւ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ մեծ սարսափով Եգիպտոսէն հանեցիր Ու անոնց տուիր այս երկիրը, որ իրենց հայրերուն երդում ըրեր էին իրենց տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։ Անոնք մտան ու զանիկա ժառանգեցին, բայց քու ձայնիդ ականջ չտուին եւ քու օրէնքիդ համեմատ չքալեցին. անոնք չըրին քու պատուիրածներդ, ուստի այս բոլոր չարիքը անոնց վրայ բերիր։ Ահա քաղաքին դէմ պատնէշներ կանգնուեցան, որպէս զի զանիկա առնեն եւ քաղաքը սուրին, սովին ու ժանտախտին պատճառով, անոր դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուեցաւ եւ քու ըսածդ կատարուեցաւ ու ահա կը տեսնես։ Բայց դո՛ւն, ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ըսիր թէ ‘Ագարակը ստակով քեզի ծախու ա՛ռ ու վկաներ բռնէ՛. թէեւ քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը կը մատնուի’»։ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. «Ահա ես եմ Եհովա՝ ամէն մարմնի Աստուածը. միթէ ինծի դժուար բան մը կա՞յ։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա պիտի առնէ. Այս քաղաքին դէմ պատերազմ ընող Քաղդէացիները պիտի գան ու այս քաղաքը կրակի պիտի տան ու այրեն։ Նաեւ պիտի այրեն այն տուները, որոնց տանիքներուն վրայ Բահաղի խունկ կը ծխէին եւ օտար աստուածներու ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէին՝ զիս բարկացնելու համար։ Քանզի Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները իրենց մանկութենէն ի վեր իմ առջեւս միայն չարութիւն գործեցին եւ որովհետեւ Իսրայէլի որդիները իրենց ձեռքերուն գործերովը անդադար զիս բարկացուցին’, կ’ըսէ Տէրը։ Քանզի այս քաղաքը իր շինութեան օրէն մինչեւ այսօր իմ բարկութեանս ու սրտմտութեանս համար եղաւ, որպէս զի զանիկա երեսիս առջեւէն վերցնեմ, Իսրայէլի որդիներուն ու Յուդայի որդիներուն, թէ՛ իրենց եւ թէ՛ իրենց թագաւորներուն, իշխաններուն, քահանաներուն ու մարգարէներուն եւ Յուդայի մարդոցն ու Երուսաղէմի բնակիչներուն բոլոր չարութեանը պատճառով, որ ըրին զիս բարկացնելու համար։ Եւ ինծի կռնակ դարձուցին եւ ո՛չ թէ՝ երես։ Թէեւ անոնց սորվեցուցի՝ կանուխ ելլելով ու սորվեցնելով՝ բայց անոնք մտիկ չըրին, որ խրատ ընդունին. Հապա իմ անունովս կոչուած տանը մէջ իրենց պղծութիւնները դրին, զանիկա պղծելու համար։ Ու Ենովմի որդիին ձորին մէջ Բահաղին բարձր տեղեր շինեցին, իրենց տղաքներն ու աղջիկները Մողոքին համար կրակէ անցընելու, որ ես անոնց հրամայած չէի ու մտքէս ալ անցած չէր, որ անոնք այս պղծութիւնը ընեն՝ Յուդային մեղանչել տալու համար»։ «Ուստի հիմա Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ այս քաղաքին համար, որ դուք կ’ըսէք թէ ‘Սուրով, սովով ու ժանտախտով Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը կը մատնուի’. Ահա ես զանոնք պիտի հաւաքեմ այն բոլոր երկիրներէն, ուր զանոնք իմ բարկութիւնովս, սրտմտութիւնովս ու մեծ ցասումովս ցրուեցի եւ զանոնք այս տեղ պիտի դարձնեմ ու ապահովութեամբ պիտի բնակեցնեմ։ Եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։ Անոնց մէկ սիրտ ու մէկ ճամբայ պիտի տամ, որպէս զի միշտ ինծմէ վախնան եւ իրենց ու իրենցմէ ետքը իրենց զաւակներուն աղէկ ըլլայ։ Անոնց հետ յաւիտենական ուխտ մը պիտի ընեմ, որ անոնց բարիք ընելէն անոնցմէ ետ չքաշուիմ ու իմ վախս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ, որպէս զի ինծմէ չխոտորին։ Անոնց բարիք ընելով՝ անոնց համար պիտի ուրախանամ ու զանոնք բոլոր սրտովս ու բոլոր հոգիովս ու ճշմարտութեամբ այս երկրին մէջ պիտի տնկեմ։ Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս այս ժողովուրդին վրայ այս բոլոր մեծ չարիքը բերի, նոյնպէս անոնց վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր բարիքը, որ անոնց խոստացայ։ Նորէն ագարակներ ծախու պիտի առնուին այդ երկրին մէջ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ ‘Ամայացած է ու մարդէ եւ անասունէ զուրկ է ու Քաղդէացիներուն ձեռքը տրուած է’։ Բենիամինին երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու լեռնային քաղաքներուն մէջ եւ դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ ստակով ագարակներ ծախու պիտի առնեն եւ մուրհակներ պիտի գրեն ու պիտի կնքեն ու վկաներ պիտի բռնեն, վասն զի զանոնք գերութենէ ետ պիտի դարձնեմ»։ Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Երեմիային եղաւ, երբ անիկա տակաւին բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր. «Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, այս քաղաքը շինող Տէրը, որ զանիկա հաստատելու համար զանիկա ստեղծեց, որուն անունը Եհովա է. Ինծի կանչէ՛ ու քեզի պատասխան տամ եւ քեզի մեծ ու խորհրդաւոր բաներ պատմեմ, որոնք դուն չես գիտեր։ Վասն զի այս քաղաքին ու Յուդայի թագաւորներուն տուներուն համար, որոնց պատնէշներն ու ամրոցները փլած են, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Քաղդէացիներուն դէմ՝ ՝ պատերազմ ընելու կու գան։ Այն տուները մեռած մարդոց դիակներովը պիտի լեցուին, որոնք իմ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի զարնեմ. վասն ես այս քաղաքէն իմ երեսս ծածկեցի՝ իրենց բոլոր չարութեանը համար։ Ահա անոր առողջութիւն ու բժշկութիւն պիտի բերեմ ու զանոնք պիտի բժշկեմ եւ խաղաղութեան ու բարօրութեան առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ։ Յուդան գերութենէ ու Իսրայէլը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք առաջուան պէս պիտի հաստատեմ։ Անոնց ինծի դէմ գործած բոլոր անօրէնութենէն զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնց ինծի դէմ ըրած բոլոր անօրէնութիւններն ու յանցանքները պիտի ներեմ։ Ասիկա ինծի ուրախութեան անուն, փառք ու պարծանք պիտի ըլլայ երկրի բոլոր ազգերուն մէջ, որոնք պիտի լսեն այն բարութիւնները, որ ես անոնց պիտի ընեմ եւ պիտի վախնան ու դողան այն բարութեան ու յաջողութեանը համար, որ ես այս քաղաքին պիտի ընեմ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ ‘Մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է’ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, որոնք անմարդ ու անբնակ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ ամայացած են, նորէն պիտի լսուի Ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն. նաեւ անոնց ձայնը, որոնք Տէրոջը տունը գոհութեան ընծաներ բերելով՝ կ’ըսեն. ‘Գոհացէ՛ք զօրքերու Տէրոջմէն, վասն զի Տէրը բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է’. քանզի այս երկրին գերիները իրենց առաջուան վիճակին պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որ մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ նորէն հօտեր պառկեցնող հովիւներու բնակարաններ պիտի ըլլան. Լեռնային քաղաքներուն մէջ, դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ եւ Բենիամինի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ հօտերը դարձեալ զիրենք համրողին ձեռքէն պիտի անցնին», կ’ըսէ Տէրը։ «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, որ Իսրայէլի տանը համար եւ Յուդայի տանը ըրած խոստումս պիտի կատարեմ։ Այն օրը ու այն ժամանակը Դաւիթէն արդարութեան շառաւիղ մը պիտի բուսցնեմ եւ անիկա երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։ Այն օրերը Յուդան պիտի ազատի ու Երուսաղէմը ապահովութեամբ պիտի բնակի եւ այս է անոր անունը որով պիտի կոչուի. ‘Տէրը Մեր Արդարութիւնը’։ Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դաւիթէն Իսրայէլի տանը աթոռին վրայ նստող մարդ պակաս պիտի չըլլայ Ու Ղեւտացի քահանաներէն ողջակէզ, հացի ընծայ ու զոհ մատուցանող մարդ յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ իմ առջեւս»։ Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եթէ ցորեկուան ուխտս ու գիշերուան ուխտս կրնաք աւրել, որ ցորեկը եւ գիշերը իրենց ժամանակովը չըլլան, Իմ ծառայիս Դաւիթին հետ ունեցած ուխտս ալ պիտի աւրուի, որ իր աթոռին վրայ թագաւորութիւն ընելու որդի չունենայ. նոյնպէս ալ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացի քահանաներուն հետ ունեցած ուխտս ։ Ինչպէս երկնքի զօրքերը չեն համրուիր ու ծովուն աւազը չի չափուիր, իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդը եւ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները այնքան պիտի շատցնեմ»։ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. «Չե՞ս լսեր թէ այս ժողովուրդը ի՛նչ կը խօսի ու կ’ըսէ. ‘Տէրը իր ընտրած երկու ազգատոհմերը երեսէ ձգեց ու անոնք իմ ժողովուրդս կ’անարգեն, զանիկա իրենց առջեւ ազգ չսեպելու չափ’։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ ցորեկուան ու գիշերուան համար ուխտ ըրած չեմ եւ երկինքներուն ու երկրի կանոններ դրած չեմ, Յակոբին ու իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդն ալ երեսէ պիտի ձգեմ, որպէս զի ա՛լ անոր սերունդէն Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի սերունդին վրայ իշխաններ չդնեմ. վասն զի անոնք գերութենէ պիտի դարձնեմ ու անոնց պիտի ողորմիմ’»։ Երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովն ու իր իշխանութեան տակ եղող երկրին բոլոր թագաւորութիւններովը եւ բոլոր ժողովուրդներով Երուսաղէմի վրայ ու անոր բոլոր քաղաքներուն դէմ պատերազմ կ’ընէր, Տէրոջը կողմէ Երեմիային այս խօսքը եղաւ. Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛, Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսէ՛ ու անոր ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այս քաղաքը Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որ զանիկա կրակով այրէ։ Դուն անոր ձեռքէն պիտի չազատիս, անշուշտ պիտի բռնուիս ու անոր ձեռքը պիտի տրուիս. քու աչքերդ Բաբելոնի թագաւորին աչքերը պիտի տեսնեն ու անոր բերանը քու բերնիդ հետ պիտի խօսակցի ու Բաբելոն պիտի երթաս’։ Բայց Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, ո՛վ Սեդեկիա՝ Յուդայի թագաւոր՝ Տէրը քեզի համար այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն սուրով պիտի չմեռնիս, Դուն խաղաղութեամբ պիտի մեռնիս. ինչպէս քեզմէ առաջ եղող քու հայրերուդ, առաջուան թագաւորներուն համար խունկեր ծխեցին, նոյնպէս քեզի համար պիտի ծխեն ու «Վա՜յ, տէր իմ » ըսելով՝ քու վրադ պիտի ողբան, վասն զի այս խօսքը ես խօսեցայ’, կ’ըսէ Տէրը։ Յետոյ Երեմիա մարգարէն այս բոլոր խօսքերը Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին խօսեցաւ Երուսաղէմի մէջ։ Բաբելոնի թագաւորին զօրքը Երուսաղէմի դէմ ու Յուդայի մնացած բոլոր քաղաքներուն դէմ, Լաքիսի ու Ազեկայի դէմ, պատերազմ կ’ընէր, վասն զի Յուդայի քաղաքներէն պարսպապատ քաղաքներ ասոնք մնացեր էին։ Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, երբ Սեդեկիա թագաւորը Երուսաղէմի մէջ եղող բոլոր ժողովուրդին հետ ուխտ ըրաւ, որ ազատութիւն քարոզեն, Որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը, Եբրայեցի մարդն ու Եբրայեցի կինը, ազատ արձակէ ու անգամ մըն ալ մարդ մը իր Հրեայ եղբայրը ծառայ չընէ։ Հնազանդեցան բոլոր իշխաններն ու բոլոր ժողովուրդը, որոնք այն ուխտին մէջ մտան, որ ամէն մարդ իր ծառան ու ամէն մարդ իր աղախինը ազատ արձակէ եւ ա՛լ անոնք ծառայ չըլլան։ Հնազանդեցան եւ զանոնք արձակեցին. Բայց անկէ ետքը դարձան ու իրենց ազատ արձակած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցին եւ զանոնք բռնադատեցին որ ծառայ ու աղախին ըլլան։ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես ձեր հայրերուն հետ ուխտ ըրի զանոնք Եգիպտոսէն՝ ծառայութեան տունէն՝ հանած օրս ու ըսի. Եօթը տարիէն ետքը ձեզմէ ամէն մէկը ազատ պիտի արձակէ իր Եբրայեցի եղբայրը, որ իրեն ծախուած է ու վեց տարի իրեն ծառայեր է, զանիկա ազատ արձակէ. բայց ձեր հայրերը ինծի մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին։ Թէեւ դուք ատեն մը դարձաք ու ամէն մարդ իր ընկերին ազատութիւն քարոզելով՝ իմ առջեւս ուղիղ եղածը ըրիք եւ իմ առջեւս ուխտ ըրիք այն տանը մէջ, որ իմ անունովս կոչուած է. Բայց ետքը դառնալով՝ իմ անունս պղծեցիք ու ամէնքդ ալ ձեր ազատ արձակած ու իրենց կամքին ձգուած ծառաներն ու աղախինները ետ դարձուցիք ու զանոնք բռնադատեցիք որ ձեզի ծառայ ու աղախին ըլլան’»։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դուք ինծի մտիկ չըրիք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը համար ու ամէն մէկը իր ընկերին համար ազատութիւն չքարոզեց, ուստի ես ձեզի համար կ’ըսէ Տէրը, սուրին, ժանտախտին ու սովին ազատութիւն պիտի տամ ու ձեզ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան պիտի մատնեմ։ Այն մարդիկը, որոնք զուարակը երկուքի կտրելով ու անոր կտորներուն մէջտեղէն անցնելով՝ իմ առջեւս ըրած ուխտերը չկատարեցին եւ իմ ուխտս զանց ըրին, պիտի մատնեմ, Այսինքն Յուդայի իշխաններն ու Երուսաղէմի իշխանները, պալատականները եւ քահանաները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը, որոնք զուարակին կտորներուն մէջտեղէն անցան, Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ եւ անոնց դիակները երկնքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան։ Եւ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու անոր իշխանները իրենց թշնամիներուն ձեռքը ու իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը եւ ձեզմէ դարձող Բաբելոնի թագաւորին զօրքերուն ձեռքը պիտի մատնեմ»։ «Ահա ես հրամայեցի, կ’ըսէ Տէրը ու անոնք այս քաղաքը պիտի գան, անոր դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն ու կրակով այրեն. այսպէս Յուդայի քաղաքները անբնակ ամայութեան պիտի վերածեմ»։ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը Տէրոջը կողմէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ. «Ռեքաբեաններուն տունը գնա՛ ու անոնց հետ խօսէ՛ եւ զանոնք Տէրոջը տունը՝ սենեակ մը տա՛ր ու անոնց գինի խմցո՛ւր»։ Ես ալ Քաբասինիային որդիին Երեմիային որդին Յեզոնիան ու անոր եղբայրները եւ բոլոր որդիները ու Ռեքաբեաններուն բոլոր տունը առի Եւ զանոնք Տէրոջը տունը տարի Սեղղումին որդիին Մաասիա դռնապանին սենեակին վրայ եղող իշխաններուն սենեակին քովի՝ Աստուծոյ մարդուն Յեգդողիային որդիին Անանին որդիներուն սենեակը. Ռեքաբեաններուն որդիներուն առջեւ գինիով լեցուն ամաններ ու գաւաթներ դրի եւ անոնց ըսի. «Գինի խմեցէ՛ք»։ Ու անոնք ըսին. «Գինի չենք խմեր. քանզի մեր հայրը, Ռեքաբին որդին Յովնադաբը, մեզի պատուիրեց ու ըսաւ. ‘Դուք ու ձեր որդիները յաւիտեան գինի պիտի չխմէք Եւ տուն մի՛ շինէք ու մի՛ ցանէք եւ այգի մի՛ տնկէք ու մի՛ ստանաք, հապա ձեր բոլոր օրերը վրաններու մէջ բնակեցէ՛ք, որպէս զի ձեր պանդուխտ եղած երկրին վրայ շատ օրեր ապրիք’։ Մեր հօրը Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին մեզի հրամայածին պէս անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ մեր բոլոր օրերուն մէջ մենք, մեր կիները, մեր տղաքներն ու մեր աղջիկները գինի չենք խմեր, Բնակելու համար տուներ չենք շիներ ու այգի եւ ագարակ ու սերմ չենք ստանար. Հապա վրաններու մէջ կը բնակինք ու հնազանդութիւն ընելով՝ մեր հօրը Յովնադաբին մեզի հրամայածը կը գործադրենք։ Բայց երբ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը այս երկիրը եկաւ, ըսինք. ‘Եկէք, Քաղդէացիներուն զօրքին երեսէն ու Ասորիներու զօրքին երեսէն Երուսաղէմ երթանք’. այսպէս Երուսաղէմի մէջ կը բնակինք»։ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով. Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Գնա՛ Յուդայի մարդոց ու Երուսաղէմի բնակիչներուն ըսէ՝ ‘Իմ խօսքերուս մտիկ ընելու համար խրատ չէ՞ք ընդունիր’։ Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին իր որդիներուն գինի չխմելու համար պատուիրած խօսքերը հաստատ պահուեցան. վասն զի իրենց հօրը հրամանին հնազանդութիւն ընելով՝ մինչեւ այսօր չեն խմեր, բայց թէեւ ես ձեզի խօսեցայ, կանուխ ելլելով, սակայն դուք ինծի մտիկ չըրիք։ Եւ իմ բոլոր ծառաներս՝ մարգարէները՝ ձեզի ղրկեցի՝ կանուխ ելլելով ու ըսի՝ ‘Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն թող դառնայ։ Բարի գործեր ըրէք ու օտար աստուածներու ետեւէն մի՛ երթաք ու անոնց ծառայութիւն մի՛ ընէք, որպէս զի ձեզի ու ձեր հայրերուն տուած երկրիս մէջ բնակիք’, բայց ձեր ականջը չծռեցիք ու ինծի մտիկ չըրիք։ Մինչ Ռեքաբին որդիին Յովնադաբին որդիները իրենց հօրը պատուիրած հրամանը հաստատ պահեցին, բայց այս ժողովուրդը ինծի մտիկ չըրաւ»։ Անոր համար զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր չարիքը, որ անոնց համար որոշեր էի. վասն զի անոնց խօսեցայ, բայց մտիկ չըրին ու անոնց կանչեցի, բայց պատասխան չտուին»։ Երեմիա Ռեքաբեաններուն տանը ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեր հօրը Յովնադաբին պատուէրին մտիկ ըրիք ու անոր բոլոր հրամանները պահեցիք եւ ձեզի պատուիրածին պէս ըրիք, Ուստի Ռեքաբեան Յովնադաբէն միշտ իմ առջեւս կայնող մարդ պակաս պիտի չըլլայ’»։ Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին Տէրոջը կողմէ այս խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. «Քեզի գրքի տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛ այն բոլոր խօսքերը, որոնք քեզի հետ խօսելու սկսած օրէս Յովսիային օրերէն մինչեւ այսօր Իսրայէլի վրայով ու Յուդայի վրայով եւ բոլոր ազգերուն վրայով խօսեցայ։ Կարելի է, որ Յուդայի տունը լսէ այն բոլոր չարիքը, որ ես մտադրած եմ անոնց ընել, որպէս զի ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ եւ ես անոնց անօրէնութիւնն ու մեղքը ներեմ»։ Երեմիա Ներիային որդին Բարուքը կանչեց։ Բարուք Երեմիային բերնէն Տէրոջը անոր ըսած բոլոր խօսքերը այն գրքի տոմսին վրայ գրեց։ Երեմիա Բարուքին պատուիրեց ու ըսաւ. « Ես այս տեղ արգելափակուած եմ, չեմ կրնար Տէրոջը տունը երթալ, Ուստի դուն գնա՛ ու ծոմապահութեան օրը Տէրոջը տանը մէջ ժողովուրդին ականջներուն տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը խօսքերը կարդա՛, նաեւ իրենց քաղաքներէն եկող բոլոր Յուդայի ականջներուն կարդա՛, Թերեւս Տէրոջը առջեւ իյնալով աղօթք ընեն՝ ՝ եւ ամէն մարդ իր չար ճամբայէն դառնայ. քանզի մեծ է այն բարկութիւնն ու սրտմտութիւնը, որ Տէրը այս ժողովուրդին համար վճռեց»։ Ու Ներիային որդին Բարուքը Երեմիա մարգարէին հրամայածին պէս ըրաւ եւ այն տոմսէն Տէրոջը խօսքերը կարդաց Տէրոջը տանը մէջ։ Յուդայի թագաւորին, Յովսիայի որդիին Յովակիմին հինգերորդ տարուան իններորդ ամիսը, բոլոր Երուսաղէմի ժողովուրդին ու Յուդայի քաղաքներէն Երուսաղէմ եկող բոլոր ժողովուրդին, Տէրոջը առջեւ ծոմապահութիւն քարոզեցին։ Բարուք Սափան դպիրին որդիին Գամարիային սենեակը, Տէրոջը տանը նոր դրանը մուտքը, վերի գաւիթին մէջ բոլոր ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսէն Երեմիային խօսքերը կարդաց։ Սափանին որդիին Գամարիային որդին Միքիան, երբ տոմսին վրայ գրուած Տէրոջը բոլոր խօսքերը լսեց, Թագաւորին տունը դպիրին սենեակը իջաւ։ Բոլոր իշխանները, Եղիսամա դպիրը, Սեմայիային որդին Դաղայիան ու Աքոբորին որդին Եղնաթանը եւ Սափանին որդին Գամարիան ու Անանիային որդին Սեդեկիան եւ բոլոր իշխանները հոն նստեր էին։ Միքիան անոնց յայտնեց այն բոլոր խօսքերը, որոնք լսեր էր, երբ Բարուք ժողովուրդին ականջներուն այն տոմսը կը կարդար։ Բոլոր իշխանները Քուսիին որդիին Նաթանիային որդին Յուդինը Բարուքին ղրկեցին՝ ըսելով. «Ժողովուրդին ականջներուն կարդացած տոմսդ ա՛ռ ու հոս եկուր»։ Ուստի Ներիային որդին Բարուքը տոմսը առաւ ու անոնց գնաց։ Անոնք ըսին իրեն. «Կ’աղաչենք, նստէ՛ ու մեր առջեւ ալ կարդա՛ զանիկա»։ Բարուք անոնց առջեւ կարդաց։ Երբ այն բոլոր խօսքերը լսեցին, վախով իրարու նայեցան ու Բարուքին ըսին. «Անշուշտ այդ բոլոր խօսքերը թագաւորին պիտի պատմենք»։ Բարուքին հարցուցին. «Շնորհք ըրէ՛, պատմէ՛ մեզի թէ ի՛նչպէս գրեցիր այդ խօսքերը անոր բերնէն»։ Բարուք անոնց ըսաւ. «Այս խօսքերը անիկա ինծի իր բերնովը ըսաւ ու ես զանոնք մելանով այս տոմսին վրայ գրեցի»։ Այն ատեն իշխանները Բարուքին ըսին. «Գնա՛, պահուըտեցէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ Երեմիան եւ ուր ըլլալնիդ մարդ թող չգիտնայ»։ Անոնք սրահը թագաւորին մտան, բայց տոմսը Եղիսամա դպիրին սենեակին մէջ պահեր էին։ Այս բոլոր խօսքերը թագաւորին ալ պատմեցին։ Թագաւորը Յուդին ղրկեց, որ այն տոմսը բերէ։ Ան ալ զանիկա Եղիսամա դպիրին սենեակէն առաւ եւ թագաւորին ու թագաւորին քով կայնող բոլոր իշխաններուն առջեւ կարդաց։ Իններորդ ամիսը ըլլալով՝ թագաւորը ձմեռնատանը մէջ նստած էր ու առջեւը վառուած կրակարան մը կար։ Երբ Յուդին երեք կամ չորս երես կարդաց, զանիկա զմելիով կտրեց ու կրակարանին կրակին մէջ նետեց, մինչեւ որ բոլոր տոմսը կրակարանին կրակին մէջ սպառեցաւ։ Թագաւորն ու անոր բոլոր ծառաները, որոնք այս բոլոր խօսքերը կը լսէին, չվախցան, ո՛չ ալ հանդերձնին պատռեցին. Եւ Եղնաթանը, Դաղայիան ու Գամարիան թագաւորին աղաչեցին, որ տոմսը չայրէ, բայց անոնց մտիկ չըրաւ։ Եւ թագաւորը՝ իր որդիին Յերամէլին ու Եզրիէլի որդիին Սարայիային ու Աբդիէլին որդիին Սեղեմիային հրամայեց, որ Բարուք դպիրն ու Երեմիա մարգարէն բռնեն. բայց Տէրը զանոնք պահեց։ Թագաւորը այն տոմսը ու Երեմիային բերնէն Բարուքին գրած խօսքերը այրելէն ետքը՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. «Նորէն գնա՛, քեզի ուրիշ տոմս մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ առաջուան խօսքերը, որոնք Յուդայի Յովակիմ թագաւորին այրած տոմսին մէջ կային։ Եւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն այդ տոմսը այրեցիր, ըսելով թէ «Ինչո՞ւ համար անոր վրայ գրեցիր թէ Բաբելոնի թագաւորը անպատճառ պիտի գայ ու այս երկիրը պիտի աւերէ եւ անկէ մարդն ու անասունը պիտի վերցնէ»’»։ Անոր համար Տէրը Յուդայի Յովակիմ թագաւորին վրայով այսպէս կ’ըսէ. «Անիկա Դաւիթին աթոռին վրայ նստող մարդ պիտի չունենայ եւ անոր մեռելը ցորեկը տաքի մէջ ու գիշերը ցուրտի մէջ պիտի ձգուի։ Զինք եւ իր սերունդը ու իր ծառաները պիտի պատժեմ իրենց անօրէնութեանը համար եւ անոնց վրայ ու Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ ու Յուդայի մարդոցը վրայ պիտի բերեմ այն չարիքը, որ անոնց յայտնեցի, բայց անոնք մտիկ չըրին»։ Երեմիա ուրիշ տոմս մը առաւ ու զանիկա Ներիայի որդիին Բարուք դպիրին տուաւ։ Անիկա ալ անոր վրայ Երեմիային բերնէն՝ Յուդայի Յովակիմ թագաւորին կրակով այրած գրքին բոլոր խօսքերը գրեց ու անոնց վրայ անոնց պէս ուրիշ շատ խօսքեր աւելցան։ Յովսիային որդին Սեդեկիա թագաւորը Յովակիմին որդիին Յեքոնիային տեղ թագաւորեց, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Յուդայի վրայ թագաւոր դրաւ. Բայց անիկա ու իր ծառաները ու երկրին ժողովուրդը Տէրոջը Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսած խօսքերուն մտիկ չըրին։ Սեդեկիա թագաւորը Սեղեմիային որդին Յուքաղը ու Մաասիային որդին Սոփոնիա քահանան Երեմիա մարգարէին ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛»։ Այն ժամանակ Երեմիան ժողովուրդին մէջ կը մտնէր կ’ելլէր ու զանիկա տակաւին բանտը դրած չէին։ Եգիպտոսէն Փարաւոնին զօրքը եկաւ ու Երուսաղէմը պաշարող Քաղդէացիները երբ այդ լուրը լսեցին, Երուսաղէմէն քաշուեցան։ Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Ինծի հարցնելու համար ձեզ ինծի ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. ‘Ահա ձեզի օգնութեան համար եկող Փարաւոնին զօրքը իր երկիրը՝ Եգիպտոս պիտի դառնայ Ու Քաղդէացիները պիտի դառնան եւ այս քաղաքին դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն եւ կրակով այրեն’։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ խաբէք ձեր անձերը՝ ըսելով թէ «Քաղդէացիները անշուշտ մեզմէ պիտի երթան», վասն զի պիտի չերթան. Քանզի թէեւ ձեզի հետ պատերազմ ընող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքը զարնէք եւ անոնցմէ միայն մէկ քանի վիրաւորուած մարդիկ մնան, նորէն անոնց ամէն մէկը իր վրանէն ելլելով՝ այս քաղաքը կրակով պիտի այրեն’»։ Ու երբ Քաղդէացիներու զօրքը Փարաւոնին զօրքին պատճառով Երուսաղէմին վրայէն քաշուեցան, Երեմիա Երուսաղէմէն ելաւ, որ Բենիամինին երկիրը երթայ ու անկէ ժողովուրդին մէջ իր բաժինը առնէ։ Երբ անիկա Բենիամինին դուռն էր, հոն Անանիային որդիին Սեղեմիային որդին, Յերիա անունով ոստիկան մը կար։ Անիկա Երեմիա մարգարէն բռնեց ու ըսաւ. «Դուն Քաղդէացիներուն կողմը կ’անցնիս»։ Ու Երեմիա ըսաւ. ‘Սուտ է, ես Քաղդէացիներու կողմը չեմ անցնիր’։ Բայց ոստիկանը անոր մտիկ չըրաւ ու բռնեց Երեմիան ու զանիկա իշխաններուն տարաւ։ Իշխանները Երեմիային սրդողեցան ու զանիկա ծեծեցին եւ բանտարկեցին Յովնաթան դպիրին տանը մէջ. վասն զի այն տունը բանտ ըրեր էին։ Երեմիան բանտը ու խուցերուն մէջ մտաւ ու հոն երկար ատեն նստաւ։ Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց, զանիկա առաւ։ Թագաւորը իր տանը մէջ գաղտուկ անոր հարցուց ու ըսաւ. «Արդեօք Տէրոջմէ խօսք մը կա՞յ»։ Երեմիա ըսաւ. «Կայ». նաեւ ըսաւ. «Դուն Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուիս»։ Երեմիա ըսաւ Սեդեկիա թագաւորին. «Քեզի կամ ծառաներուդ կամ այս ժողովուրդին դէմ ի՞նչ մեղք գործեցի, որ զիս բանտը դրիք։ Ո՞ւր են ձեր մարգարէները, որոնք ձեզի մարգարէութիւն ըրին ու ըսին. ‘Բաբելոնի թագաւորը ձեր վրայ ու այս երկրին վրայ պիտի չգայ’։ Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, մտի՛կ ըրէ, թող իմ աղաչանքս քու առջեւդ ընդունելի ըլլայ ու զիս նորէն Յովնաթան դպիրին տունը մի՛ ղրկեր, որ հոն չմեռնիմ»։ Սեդեկիա թագաւորը հրամայեց ու Երեմիան բանտին գաւիթը դրին ու ամէն օր հացագործներուն փողոցէն մէկմէկ նկանակ հաց կու տային անոր, մինչեւ որ քաղաքին հացը բոլորովին հատաւ։ Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ կը նստէր։ Մատթանին որդին Սափատիան ու Փասուրին որդին Գոդողիան եւ Սեղեմիային որդին Յուքազն ու Մեղքիային որդին Փասուրը Երեմիային բոլոր ժողովուրդին հետ խօսած խօսքերը լսեցին, որ ըսաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս քաղաքին մէջ կեցողը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնի. իսկ Քաղդէացիներուն հետ ելլողը ողջ պիտի մնայ եւ անոր կեանքը իրեն աւարի մը պէս պիտի ըլլայ ու պիտի ապրի»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս քաղաքը անպատճառ Բաբելոնի թագաւորին զօրքին ձեռքը պիտի տրուի, որը զանիկա պիտի առնէ»։ Իշխանները թագաւորին ըսին. «Կ’աղաչենք, թող այս մարդը մեռցուի, վասն զի այս քաղաքին մէջ մնացած պատերազմիկներուն ձեռքերն ու բոլոր ժողովուրդին ձեռքերը կը թուլցնէ՝ անոնց այսպիսի խօսքեր ըսելով. վասն զի այս մարդը այս ժողովուրդին խաղաղութիւնը չի փնտռեր, հապա անոր չարիքը»։ Սեդեկիա թագաւորը ըսաւ. «Ահա անիկա ձեր ձեռքն է, որովհետեւ թագաւորը ձեզի հակառակ բան մը չի կրնար ընել»։ Երեմիան առին եւ զանիկա թագաւորին որդիին Մեղքիային գուբը նետեցին, որ բանտին գաւիթին մէջ էր։ Երեմիան չուաններով իջեցուցին։ Այն գուբին մէջ ջուր չկար, հապա միայն տիղմ, որով Երեմիա տիղմին մէջ կ’ընկղմէր։ Թագաւորին տունը եղող Եթովպիացի ներքինին Աբդեմելէք լսեց, որ Երեմիան գուբը ձգեցին։ Երբ թագաւորը Բենիամինին դուռը կը նստէր, Աբդեմելէք թագաւորին տունէն ելաւ ու թագաւորին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ թագաւոր, այս մարդիկը սխալ ըրին Երեմիա մարգարէն գուբը նետելով. քանզի քաղաքին մէջ ա՛լ հաց չգտնուելուն համար՝ անիկա հոն անօթութենէն պիտի մեռնի՝ ՝»։ Թագաւորը Եթովպիացի Աբդեմելէքին հրամայեց ու ըսաւ. «Ասկէ քեզի հետ երեսուն մարդ ա՛ռ ու Երեմիա մարգարէն գուբէն հանէ, քանի որ մեռած չէ»։ Աբդեմելէքը իրեն հետ մարդիկ առաւ ու թագաւորին տունը՝ շտեմարանին տակ գնաց եւ անկէ պատռած լաթեր ու հին լաթեր առաւ եւ զանոնք չուաններով գուբը Երեմիային իջեցուց։ Եթովպիացի Աբդեմելէք Երեմիային ըսաւ. «Այս պատռած ու հին լաթերը թեւերուդ տակ չուաններուն տակը դիր»։ Երեմիան այնպէս ըրաւ։ Ու Երեմիան չուաններով քաշեցին եւ զանիկա գուբէն դուրս հանեցին ու Երեմիա բանտին գաւիթին մէջ նստաւ։ Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց ու Երեմիա մարգարէն իր քով առաւ Տէրոջը տանը երրորդ մուտքը եւ Երեմիային ըսաւ. «Քեզի բան մը պիտի հարցնեմ, ինծմէ բան մի՛ պահեր»։ Երեմիան ըսաւ Սեդեկիային. «Եթէ քեզի պատմեմ, զիս անշուշտ պիտի մեռցնես եւ եթէ քեզի խրատ տամ, ինծի մտիկ պիտի չընես»։ Բայց Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային գաղտուկ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Մեզ ստեղծող Տէրը կենդանի է, որ քեզ պիտի չմեռցնեմ եւ քեզ պիտի չմատնեմ այս մարդոց ձեռքը, որոնք քու հոգիդ կը փնտռեն»։ Այն ատեն Երեմիան Սեդեկիային ըսաւ. «Զօրքերու Տէր Աստուածը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն յանձնուիս, քու հոգիդ ողջ պիտի մնայ եւ քաղաքը կրակով պիտի չայրի եւ դուն ու քու տունդ ողջ պիտի մնաք. Բայց եթէ Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն չյանձնուիս, այն ատեն այս քաղաքը Քաղդէացիներուն ձեռքը պիտի տրուի, որոնք զանիկա կրակով պիտի այրեն եւ դուն անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս’»։ Սեդեկիա թագաւորը Երեմիային ըսաւ. «Քաղդէացիներուն կողմը անցած Հրեաներէն կը վախնամ. չըլլայ որ զիս անոնց ձեռքը տան ու ինծի հետ անարգանքով վարուին»։ Երեմիան ըսաւ. «Պիտի չտան. կ՛աղաչեմ, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ, որ քեզի ըսի, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու քու անձդ ապրի, Բայց եթէ ելլել չուզես, Տէրոջը ինծի ցուցուցած տեսիլքն այս է. ‘Ահա Յուդայի թագաւորին տունը մնացած բոլոր կիները Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն պիտի տարուին ու այն կիները պիտի ըսեն. «Քու բարեկամներդ քեզ հրապուրեցին ու քեզի յաղթեցին ու ոտքերդ տիղմի մէջ ընկղմելուն պէս՝ անոնք ետ քաշուեցան»։ Քու բոլոր կիներդ ու տղաքներդ Քաղդէացիներուն պիտի հանեն. դուն ալ անոնց ձեռքէն պիտի չազատիս, հապա Բաբելոնի թագաւորին ձեռքով պիտի բռնուիս եւ դուն պատճառ պիտի ըլլաս, որ այս քաղաքը կրակով այրի’»։ Ու Սեդեկիան ըսաւ Երեմիային. «Այս խօսքերը մարդ թող չիմանայ ու դուն պիտի չմեռնիս։ Եւ եթէ իշխանները քեզի հետ խօսիլս լսեն ու քեզի գան ու քեզի ըսեն՝ ‘Թագաւորին հետ ի՞նչ խօսեցար, մեզի պատմէ. մեզմէ մի՛ պահեր, որ քեզ չմեռցնենք։ Թագաւորը քեզի հետ ի՞նչ խօսեցաւ’. Այն ատեն անոնց ըսէ. «Ես թագաւորին առջեւ աղաչանք ըրի, որ զիս Յովնաթանին տունը չղրկէ, որ հոն մեռնիմ’»։ Բոլոր իշխանները Երեմիային եկան ու անոր հարցուցին եւ անոնց պատմեց այն խօսքերուն համաձայն, որոնք թագաւորը պատուիրեր էր։ Անոնք խօսելէն դադարեցան. վասն զի բանը չյայտնուեցաւ։ Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ մնաց, մինչեւ Երուսաղէմի առնուած օրը։ Երբ Երուսաղէմ առնուեցաւ, անիկա հոն էր։ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց։ Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարուան չորրորդ ամիսը, ամսուան իննին քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ։ Եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր իշխանները, այսինքն Ներգեղսարասարը, Սամերգանաբաւ, Սարսեքիմ ներքինապետը, Ներգեղսարասար մոգպետը ու Բաբելոնի թագաւորին բոլոր մնացած իշխանները եկան միջին դուռը նստան։ Երբ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորն ու բոլոր պատերազմիկները զանոնք տեսան, փախան ու քաղաքէն գիշերով թագաւորին պարտէզին ճամբովը երկու պարսպին մէջի դռնէն դուրս ելան։ Քաղդէացիներուն զօրքը անոնց ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան եւ զանիկա բռնեցին ու Եմաթի երկիրը՝ Ռեբղա՝ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին առջեւ հանեցին, որ անոր դատը տեսաւ։ Բաբելոնի թագաւորը Ռեբղայի մէջ Սեդեկիային տղաքը անոր աչքերուն առջեւ ու Յուդայի բոլոր ազնուականները մորթեց։ Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց, որպէս զի Բաբելոն տանի։ Քաղդէացիները կրակով այրեցին թագաւորին ու ժողովուրդին տուները ու Երուսաղէմի պարիսպները փլցուցին։ Նաբուզարդան դահճապետը քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդը ու իր կողմը անցած փախստականները եւ ուրիշ մնացորդներ Բաբելոն գերի տարաւ։ Նաբուզարդան դահճապետը Յուդայի երկրին մէջ թողուց ժողովուրդին աղքատները, որոնք բան մը չունէին եւ նոյն օրը անոնց այգիներ ու արտեր տուաւ։ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երեմիային համար Նաբուզարդան դահճապետին պատուիրեց ու ըսաւ. «Զանիկա ա՛ռ եւ աչքդ անոր վրայ ըլլայ ու անոր ամենեւին չարիք մի՛ հասցներ եւ ինչ որ քեզի ըսէ՝ այնպէս ըրէ՛»։ Նաբուզարդան դահճապետը ու Նաբուսազաբան ներքինապետը ու Ներգեղսարասար մոգպետը եւ Բաբելոնի թագաւորին բոլոր նախարարները մարդ ղրկեցին Ու Երեմիան բանտին գաւիթէն առին ու զանիկա Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային տուին, որպէս զի զանիկա տունը տանի։ Անիկա ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային, երբ անիկա բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր, ըսելով. «Գնա՛ Եթովպիացի Աբդեմելէքին խօսէ՛ ու ըսէ՛. «Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես այս քաղաքին վրայով ըսած խօսքերս պիտի գործադրեմ՝ չարիքի եւ ոչ թէ բարիքի համար ու այն օրը քու աչքերուդ առջեւ պիտի կատարուին։ Եւ այն օրը քեզ պիտի ազատեմ ու այն մարդոց ձեռքը պիտի չտրուիս, որոնց երեսէն դուն կը վախնաս։ Վասն զի քեզ անշուշտ պիտի ազատեմ ու սուրով պիտի չիյնաս եւ քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի ինծի ապաւինեցար’», կ’ըսէ Տէրը։ Այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիային ըսաւ, Նաբուզարդան դահճապետին զանիկա Ռամայէն արձակելէն ետքը (երբ Բաբելոն տարուող Երուսաղէմի ու Յուդայի բոլոր գերիներուն մէջ զանիկա ալ շղթաներով կապած առեր էր)։ Դահճապետը Երեմիան առնելով՝ անոր ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ այս տեղին վրայ այս չարիքին մասին խօսած էր։ Տէրը իր ըսածին պէս ըրաւ, քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ անոր ձայնին մտիկ չըրիք. ատոր համար այս բանը ձեզի եղաւ։ Այսօր քու ձեռքերուդ շղթաները քակեցի. եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ առջեւ աղէկ է՝ եկո՛ւր ու իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ. բայց եթէ ինծի հետ Բաբելոն երթալը քու աչքիդ գէշ կ’երեւնայ՝ մի՛ գար։ Ահա բոլոր երկիրը քու առջեւդ է, ուր որ քեզի աղէկ ու հաճոյ կ’երեւնայ՝ հո՛ն գնա։ Ուստի կա՛մ Բաբելոնի թագաւորին Յուդայի քաղաքներուն վրայ դրած Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան դեռ ետ չդարձած՝ անոր գնա՛ ու անոր հետ ժողովուրդին մէջ բնակէ՛ եւ կա՛մ ուր որ քեզի աղէկ կ’երեւնայ՝ հո՛ն գնա»։ Դահճապետը անոր պաշար ու պարգեւ տուաւ եւ զանիկա արձակեց։ Երեմիան Մասփա գնաց Աքիկամին որդիին Գոդողիային եւ անոր հետ երկրին մէջ մնացած ժողովուրդին մէջ բնակեցաւ։ Երբ դաշտը եղող բոլոր զօրավարները, իրենք ու իրենց մարդիկը լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Աքիկամին որդին Գոդողիան երկրին վրայ վերակացու դրաւ եւ Բաբելոն չքշուած մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու երկրին աղքատները անոր յանձնեց, Մասփա եկան Գոդողիային, այսինքն Նաթանիային որդին Իսմայէլը ու Կարէին որդիները, Յօհանան ու Յովնաթան եւ Թանհումէթին որդին Սարայիան ու Նետոփաթացի Եփային որդիները ու Մաքաթիին որդին Յեզոնիան՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց մարդիկը։ Եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան անոնց ու անոնց մարդոցը երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Քաղդէացիներու ծառայութիւն ընելէն մի՛ վախնաք. այս երկրին մէջ բնակեցէ՛ք եւ Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն ըրէ՛ք ու ձեզի աղէկ պիտի ըլլայ։ Ես ահա Մասփայի մէջ կը բնակիմ, որպէս զի մեզի եկող Քաղդէացիներուն առջեւ կենամ ու դուք գինի եւ ամառնային պտուղ ու իւղ հաւաքեցէք ու ձեր ամաններուն մէջ դրէք եւ ձեռքերնուդ տակ եղած քաղաքներուն մէջ բնակեցէ՛ք»։ Մովաբի, Ամմոնին որդիներուն, Եդովմի եւ այլ երկիրներու մէջ եղող բոլոր Հրեաներն ալ՝ երբ լսեցին թէ Բաբելոնի թագաւորը Հրէաստանի մէջ մնացորդ թողուցեր է ու անոնց վրայ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան դրեր է, Բոլորն ալ իրենց ցրուած տեղերէն դարձան ու Յուդայի երկիրը Մասփա՝ Գոդողիային եկան եւ խիստ շատ գինի ու ամառնային պտուղներ հաւաքեցին։ Կարէին որդին Յօհանան ու դաշտը եղող բոլոր զօրավարները Մասփա եկան Գոդողիային Ու անոր ըսին. «Գիտե՞ս թէ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը Բաալիս՝ Նաթանիային որդին Իսմայէլը ղրկեց քեզ մեռցնելու համար»։ Բայց Աքիկամին որդին Գոդողիան անոնց չհաւատաց։ Կարէին որդին Յօհանան Մասփայի մէջ Գոդողիային հետ գաղտուկ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Հիմա երթամ ու Նաթանիային որդին Իսմայէլը զարնեմ։ Թող մարդ չիմանայ։ Ինչո՞ւ անիկա քեզ մեռցնէ ու քովդ հաւաքուած բոլոր Հրեաները ցրուին եւ Յուդայի մնացորդը կորսուի»։ Աքիկամի որդին Գոդողիան Կարէի որդիին Յօհանանին ըսաւ. «Այդ բանը մի՛ ըներ, վասն զի դուն Իսմայէլին մասին սուտ կը խօսիս»։ Եօթներորդ ամսուան մէջ թագաւորական սերունդէն եղող Եղիսամային որդիին Նաթանիային որդին Իսմայէլը թագաւորին նախարարներովը ու իրեն հետ տասը մարդ Մասփա եկաւ Աքիկամին որդիին Գոդողիային ու հոն մէկտեղ հաց կերան Մասփայի մէջ։ Նաթանիային որդին Իսմայէլն ու իրեն հետ եղող տասը մարդը ելան եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան սուրով զարկին ու մեռցուցին զանիկա, որ Բաբելոնի թագաւորը երկրին վրայ վերակացու դրեր էր։ Իսմայէլը Գոդողիային հետ Մասփայի մէջ եղող բոլոր Հրեաները եւ հոն գտնուած Քաղդէացի պատերազմիկները կոտորեց։ Գոդողիային սպաննուելուն հետեւեալ օրը՝ դեռ մարդ չիմացած՝ Սիւքէմէն, Սելովէն, Սամարիայէն մօրուքնին ածիլած եւ հանդերձնին պատռած ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ ըրած ութսուն մարդ եկան։ Իրենց ձեռքը ընծաներ ու կնդրուկ ունէին՝ Տէրոջը տանը համար։ Նաթանիային որդին Իսմայէլը Մասփայէն ելաւ զանոնք դիմաւորելու։ Անիկա գացած ատենը լալով կ’երթար։ Երբ անոնց հասաւ՝ անոնց ըսաւ. «Աքիկամին որդիին Գոդողիային եկէ՛ք»։ Ու երբ անոնք քաղաքին մէջտեղը եկան, Նաթանիային որդին Իսմայէլը՝ իրենց հետ եղող մարդոցմով զանոնք մեռցուց ու փոսի մը մէջ նետեց ։ Անոնց մէջ տասը մարդ գտնուեցան, որոնք Իսմայէլին ըսին. «Մեզ մի՛ մեռցներ, վասն զի մենք դաշտը ցորենի, գարիի, իւղի ու մեղրի ծածուկ շտեմարաններ ունինք»։ Ուստի Իսմայէլ զանոնք իրեն եղբայրներուն հետ չմեռցուց։ Այն փոսը, որուն մէջ Իսմայէլ Գոդողիային պատճառով բոլոր մեռցուած մարդոց դիակները նետեց, այն փոսն էր, որ Ասա թագաւորը շիներ էր՝ Իսրայէլի Բաասա թագաւորին երեսէն վախնալուն համար. Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանիկա մեռելներով լեցուց։ Իսմայէլ Մասփայի մէջ եղող ժողովուրդին բոլոր մնացորդը գերի բռնեց, թագաւորին աղջիկները ու Մասփայի մէջ մնացած բոլոր ժողովուրդը, որոնց վրայ Նաբուզարդան դահճապետը Աքիկամին որդին Գոդողիան վերակացու դրեր էր։ Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանոնք գերի առնելով՝ գնաց Ամմոնին որդիներուն քով։ Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող բոլոր զօրավարները, երբ Նաթանիային որդիին Իսմայէլին ըրած չարութիւնը լսեցին, Իրենց բոլոր մարդիկը առին ու Նաթանիային որդիին Իսմայէլին դէմ պատերազմելու գացին եւ զանիկա Գաբաւոնին ջուրերուն քով գտան։ Իսրայէլին հետ եղող բոլոր ժողովուրդը, երբ Կարէին որդին Յօհանանն ու անոր հետ եղող զօրավարները տեսան, ուրախացան։ Իսմայէլին Մասփայէն գերի քշած բոլոր ժողովուրդը երեսնին դարձուցին ու Կարէին որդիին Յօհանանին գացին։ Բայց Նաթանիային որդին Իսմայէլը ութ մարդով Յօհանանին երեսէն փախաւ ու Ամմոնին որդիներուն քով գնաց։ Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող զօրավարները Նաթանիային որդիէն Իսմայէլէն ետ բերած ժողովուրդին բոլոր մնացորդը Մասփայէն առին՝ Աքիկամին որդիին Գոդողիային մեռցուելէն ետքը, այսինքն Գաբաւոնէն ետ բերած պատերազմող կտրիճներն ու կիները եւ տղաքներն ու ներքինիները Ու գացին Բեթլէհէմի քով եղող Քամաամի պանդոկին մէջ նստան, որպէս զի երթան Եգիպտոս մտնեն Քաղդէացիներուն երեսէն, Վասն զի վախցան. քանզի Նաթանիային որդին Իսմայէլը Բաբելոնի թագաւորին՝ երկրին վրայ դրած Աքիկամին որդին Գոդողիան մեռցուցեր էր։ Բոլոր զօրավարները ու Կարէին որդին Յօհանան եւ Ովսիային որդին Յեզոնիան ու բոլոր ժողովուրդը, պզտիկէն մինչեւ մեծը, մօտեցան։ Երեմիա մարգարէին ըսաւ. «Մեր խնդրանքները քու առջեւդ ընդունելի ըլլան ու մեզի համար, այսինքն այս բոլոր մնացորդներուն համար, քու Տէր Աստուծոյդ աղօթք ըրէ՛. վասն զի շատ քիչ մնացինք, ինչպէս աչքերդ մեզ կը տեսնեն Եւ քու Տէր Աստուածդ մեր երթալու ճամբան ու մեր ընելիքը մեզի թող իմացնէ»։ Երեմիա մարգարէն անոնց ըսաւ. «Լսեցի. ահա ձեր Տէր Աստուծոյն աղօթք կ’ընեմ ձեր խօսքերուն համաձայն եւ Տէրը ձեզի համար ինչ պատասխան որ տալու ըլլայ, ձեզի պիտի իմացնեմ. ձեզմէ բան մը պիտի չպահեմ»։ Անոնք Երեմիային ըսին. «Տէրը մեր մէջ ճշմարիտ ու հաւատարիմ վկայ ըլլայ, եթէ չընենք այն բոլոր բաները, որոնց համար Տէր Աստուած քեզի պիտի յայտնէ, Թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։ Մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին պիտի հնազանդինք, որուն քեզ կը ղրկենք, որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին հնազանդելով՝ մեզի աղէկ ըլլայ»։ Տասը օր ետքը Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային։ Ան Կարէին որդին Յօհանան եւ անոր հետ եղող բոլոր զօրավարներն ու պզտիկէն մինչեւ մեծը, բոլոր ժողովուրդը, կանչեց Ու անոնց ըսաւ. «Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն դուք զիս ղրկեցիք ձեր աղաչանքը մատուցանելու համար, այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ շարունակէք այս երկրին մէջ բնակիլ, ես ալ ձեզ պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ եւ ձեզ պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ. վասն զի ձեզի ըրած չարիքիս վրայով զղջացի։ Մի՛ վախնաք Բաբելոնի թագաւորին երեսէն, որմէ կը վախնաք։ Անկէ մի՛ վախնաք, վասն զի ձեզ անոր ձեռքէն ազատելու համար ու ձեզ ապրեցնելու համար ես ձեզի հետ եմ Ու ձեզի ողորմութիւններ գտնել պիտի տամ եւ անիկա ձեզի պիտի ողորմի, ձեզ ձեր երկիրը պիտի դարձնէ’։ Բայց եթէ ըսէք՝ ‘Այս երկրին մէջ չենք բնակիր’ ու ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չընելով՝ Ըսէք. ‘Ո՛չ, հապա Եգիպտոսի երկիրը երթանք, ուր պատերազմ պիտի չտեսնենք ու փողի ձայն պիտի չլսենք եւ հացի համար անօթի պիտի չմնանք ու հոն պիտի բնակինք’, Այն ատեն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք։ Ո՛վ Յուդայի մնացորդ, զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ դուք ձեր երեսները շտկէք դէպի Եգիպտոս ու հոն պանդխտանալու երթաք, Այն ատեն այն սուրը, որմէ կը վախնաք, հոն Եգիպտացիներու երկրին մէջ ձեր վրայ պիտի գայ եւ այն սովը, որմէ դուք կը զարհուրիք, հոն Եգիպտացիներու երկրին մէջ ձեզ պիտի պաշարէ ու հոն պիտի մեռնիք։ Այն մարդիկը, որոնք իրենց երեսները կը շտկեն դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնին ու իմ անոնց վրայ բերելիք չարիքիս երեսէն անոնցմէ մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ’։ Վասն զի զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս իմ բարկութիւնս ու սրտմտութիւնս Երուսաղէմի բնակիչներուն վրայ թափուեցաւ, այնպէս ձեր վրայ պիտի թափուի իմ սրտմտութիւնս, երբ Եգիպտոս մտնէք եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլաք ու ա՛լ այս տեղը պիտի չտեսնէք»։ Ո՛վ Յուդայի մնացորդներ, Տէրը ձեզի համար ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք’ ըսաւ. ուստի աղէկ գիտցէք, որ այսօր ձեզի վկայութիւն կ’ընեմ։ Վասն զի դուք ձեր հոգիին դէմ նենգութիւն ըրիք, երբ զիս ձեր Տէր Աստուծոյն ղրկեցիք՝ ըսելով. «Մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛ ու մեր Տէր Աստուծոյն ըսած ամէն խօսք մեզի պատմէ ու պիտի ընենք»։ Ես այսօր ձեզի պատմեցի ու դուք մտիկ չըրիք ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին ու այն ամէն խօսքերուն, որոնց համար զիս ձեզի ղրկեց։ Հիմա աղէկ գիտցէք, որ դուք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի մեռնիք այն տեղը՝ ուր կ’ուզէք երթալ հոն պանդխտանալու համար։ Երբ Երեմիա բոլոր ժողովուրդին՝ Տէր Աստուծոյն բոլոր խօսքերը լմնցուց, որոնց համար անոնց Տէր Աստուածը զանիկա անոնց ղրկեր էր, այսինքն այս բոլոր խօսքերը, Այն ատեն Ովսիային որդին Ազարիան ու Կարէին որդին Յօհանան եւ բոլոր ամբարտաւան մարդիկը Երեմիային խօսեցան ու ըսին. «Դուն սո՛ւտ կը խօսիս. մեր Տէր Աստուածը քեզ չղրկեց, որ մեզի ըսես թէ ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք հոն պանդխտանալու համար’. Հապա Ներիային որդին Բարուքը քեզ մեզի դէմ կը հանէ, որպէս զի մեզ Քաղդէացիներուն ձեռքը տայ, որ մեզ մեռցնեն ու մեզ Բաբելոն գերի տանին»։ Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին, որ Յուդայի երկրին մէջ բնակին. Հապա Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները Յուդայի բոլոր մնացորդները առին, որոնք Յուդայի երկրին մէջ բնակելու համար ետ դարձեր էին այն բոլոր ազգերէն՝ ուր ցրուած էին. Այսինքն այր մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու թագաւորին աղջիկները եւ Նաբուզարդան դահճապետին՝ Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային քով թողուցած բոլոր մարդիկը ու Երեմիա մարգարէն եւ Ներիային որդին Բարուքը Ու Եգիպտոսի երկիրը տարին, վասն զի Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին ու մինչեւ Տափնաս հասան։ Տափնասի մէջ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով. «Ձեռքդ մեծ քարեր ա՛ռ ու զանոնք Յուդայի մարդոցը աչքերուն առջեւ Տափնաս եղող՝ Փարաւոնին տանը դրանը առջեւի աղիւսատունը կաւին մէջ թաղէ Եւ անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես պիտի ղրկեմ ու իմ ծառաս Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը պիտի առնեմ եւ անոր աթոռը այս իմ թաղած քարերուս վրայ պիտի դնեմ ու անիկա իր արքայական խորանը անոնց վրայ պիտի տարածէ Եւ պիտի գայ Եգիպտոսի երկիրը պիտի զարնէ. մահուան համար եղողները մահուան, գերութեան համար եղողները գերութեան եւ սուրի համար եղողները սուրի պիտի մատնէ ։ Եգիպտոսի աստուածներուն տուներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ. անիկա զանոնք պիտի այրէ ու զանոնք գերի պիտի տանի եւ անիկա Եգիպտոսի երկիրը պիտի հագնի, ինչպէս հովիւը իր հանդերձը կը հագնի ու անկէ խաղաղութեամբ պիտի ելլէ։ Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող արեւու տանը արձանները պիտի կոտրտէ ու Եգիպտոսի աստուածներուն տուները կրակով պիտի այրէ’»։ Եգիպտոս բնակող բոլոր Հրեաներուն համար, այսինքն Մագդողի, Տափնասի, Մեմփիսի ու Պաթուրէսի մէջ բնակողներուն համար Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք տեսաք այն ամէն չարիքը, որ Երուսաղէմի վրայ ու բոլոր Յուդայի քաղաքներուն վրայ բերի եւ ահա անոնք այսօր աւերակ են ու անոնց մէջ բնակող չկայ, Զիս բարկացնելու համար ըրած չարութիւններուն պատճառով, որ գացին, խունկ ծխեցին ու ծառայութիւն ըրին ուրիշ աստուածներու, որոնք ո՛չ իրենք ճանչցեր էին, ո՛չ դուք, ո՛չ ալ ձեր հայրերը։ Եւ ես ձեզի ղրկեցի իմ ծառաներս՝ մարգարէները՝ կանուխ ելլելով եւ ըսի. «Այդ պիղծ գործը մի՛ ընէք, որը ես կ’ատեմ»։ Բայց մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, որ իրենց չարութիւններէն դառնան եւ ուրիշ աստուածներու խունկ չծխեն։ Ուստի իմ սրտմտութիւնս ու բարկութիւնս թափեցաւ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ բորբոքեցաւ ու անոնք այսօրուան եղածին պէս անապատ ու ամայի եղան’։ Եւ հիմա զօրքերու Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչո՞ւ համար դուք ձեր հոգիին դէմ այս մեծ չարութիւնը կը գործէք, որ Յուդայի մէջէն այր մարդն ու կինը, տղան ու կաթնկեր մանուկը կորսնցնէք, այնպէս որ ձեզի մնացորդ մը չմնայ. Ձեր ձեռքերուն գործերովը զիս սրդողեցնելով եւ ուրիշ աստուածներու խունկ ծխելով Եգիպտոսի մէջ, ուր դուք մտաք հոն պանդխտանալու համար, որպէս զի ձեր անձը կորսնցնէք ու երկրի բոլոր ազգերուն մէջ անէծք ու նախատինք ըլլաք։ Միթէ Յուդայի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ ձեր հայրերուն ըրած չարութիւնները եւ Յուդայի թագաւորներուն չարութիւնները ու անոնց կիներուն չարութիւնները մոռցա՞ք։ Անոնք մինչեւ այսօր իրենց անձերը չխոնարհեցուցին ու չվախցան եւ ձեր առջեւ ու ձեր հայրերուն առջեւ դրած օրէնքիս ու պատուիրանքներուս մէջ չքալեցին։ Անոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես իմ երեսս ձեզի կ’ուղղեմ չարիքի ու բոլոր Յուդան կորսնցնելու համար Եւ պիտի առնեմ Յուդային մնացորդը, որոնք երեսնին դարձուցին դէպի Եգիպտոս, հոն պանդխտանալու համար, բայց անոնք Եգիպտոսի մէջ պզտիկէն մինչեւ մեծը սուրով ու սովով պիտի մեռնին եւ անէծքի, զարմանքի, նզովքի ու նախատինքի ենթակայ պիտի ըլլան։ Եգիպտոսի մէջ բնակողները պիտի պատժեմ, ինչպէս Երուսաղէմը՝ սուրով, սովով ու ժանտախտով պատժեցի։ Եւ Յուդայի մնացորդէն, այսինքն Եգիպտոս պանդխտանալու գացողներէն, մնացորդ ու ազատուած պիտի չմնայ, որ Յուդայի երկիրը դառնան, ուր անոնք կը յուսան դառնալ եւ հոն բնակիլ. վասն զի Եգիպտոսէն փախչողները միայն պիտի դառնան։ Այն բոլոր մարդիկը, որոնք գիտէին թէ իրենց կիները օտար աստուածներու խունկ կը ծխէին եւ բոլոր ներկայ եղող կիները, մեծ ժողով մը ըրին ու Եգիպտոսի եւ Պաթուրէսի մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդը Երեմիային պատասխան տուին՝ ըսելով. «Տէրոջը անունով մեզի խօսած խօսքիդ մենք մտիկ չենք ըներ. Հապա անշուշտ մեր բերնէն ելած խօսքը պիտի ընենք, երկնքի թագուհիին խունկ ծխելով եւ անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելով, ինչպէս ըրինք մենք ու մեր հայրերը, մեր թագաւորներն ու մեր իշխանները՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, ուր հացով կշտացանք եւ հանգիստ էինք ու չարիք մը չտեսանք։ Սակայն այն ատենէն ի վեր, որ երկնքի թագուհիին խունկ ծխելէն ու անոր ըմպելի նուէրներ մատուցանելէն ետ կեցանք, ամէն բանի կարօտ եղանք եւ սուրով ու սովով հատանք։ Երբ երկնքի թագուհիին խունկ կը ծխէինք եւ անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք, միթէ առանց մեր այրերուն հրամանի՞ն զանիկա պաշտելու համար բլիթներ կը շինէինք ու անոր ըմպելի նուէրներ կը մատուցանէինք»։ Երեմիա բոլոր ժողովուրդին, այրերուն եւ կիներուն ու իրեն այս պատասխանը տուող ժողովուրդին ըսաւ. «Միթէ այն խունկը, որ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ կը ծխէիք, դուք ու ձեր հայրերը, ձեր թագաւորներն ու ձեր իշխանները ու երկրին ժողովուրդը, Տէրը չյիշե՞ց ու անոր միտքը չինկա՞ւ։ Տէրը ձեր չար գործերուն ու ձեր ըրած գարշութիւններուն ա՛լ չկրցաւ համբերել, ուստի ձեր երկիրը անապատ, ամայի ու նզովուած եւ անբնակ եղաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ ։ Որովհետեւ դուք խունկ ծխեցիք ու Տէրոջը դէմ մեղք գործեցիք եւ Տէրոջը ձայնին հնազանդութիւն չըրիք ու անոր օրէնքին, պատուիրանքներուն ու վկայութիւններուն մէջ չքալեցիք, անոր համար այս չարիքը ձեզի եկաւ, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ »։ Երեմիա բոլոր ժողովուրդին ու բոլոր կիներուն ըսաւ. «Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդա. Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք ու ձեր կիները ձեր բերնովը խօսեցաք ու ձեր ձեռքովը գործադրեցիք ու ըսիք «Անշուշտ ըրած ուխտերնիս պիտի կատարենք, այսինքն երկնքի թագուհիին խունկ պիտի ծխենք ու անոր ըմպելի նուէրներ պիտի մատուցանենք». այո՛, դուք ձեր ուխտերուն վրայ հաստատ պիտի կենաք եւ ձեր ուխտերը պիտի կատարէք։ Անոր համար Տէրոջը խօսքը լսեցէք, ո՛վ բոլոր Յուդա, որ Եգիպտոսի մէջ կը բնակիք. ‘Ահա ես իմ մեծ անունովս երդում ըրի, կ’ըսէ Տէրը, որ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ ա՛լ բնաւ Յուդայի մարդու մը բերնէն իմ անունս պիտի չկանչուի՝ ըսելով. «Եհովա Տէրը կենդանի է». Ահա ես անոնց վրայ կը հսկեմ չարիքի համար եւ ո՛չ թէ բարիքի համար ու Եգիպտոսի մէջ եղող Յուդայի բոլոր մարդիկը սուրով ու սովով պիտի կոտորուին մինչեւ հատնին։ Եւ խիստ քիչ մարդիկ պիտի ըլլան որ սուրէն ազատուելով՝ Եգիպտոսէն Յուդայի երկիրը պիտի դառնան ու Եգիպտոս պանդխտանալու գացող Յուդայի բոլոր մնացորդները պիտի գիտնան թէ որո՛ւն խօսքը պիտի հաստատուի, ի՞մս թէ իրենցը’։ ‘Եւ ասիկա ձեզի նշան ըլլայ, կ’ըսէ Տէրը, որ այս տեղ ձեզ պիտի պատժեմ, որպէս զի գիտնաք թէ իմ խօսքս ձեր վրայ անշուշտ պիտի հաստատուի չարիքի համար’։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն Վափառ թագաւորը իր թշնամիներուն ձեռքը ու իր հոգին փնտռողներուն ձեռքը պիտի մատնեմ. ինչպէս Յուդայի Սեդեկիա թագաւորը իր թշնամիին ու իր հոգին փնտռող Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը մատնեցի’»։ Երեմիա մարգարէին խօսքը, որ Ներիային որդիին՝ Բարուքին խօսեցաւ, երբ անիկա այս խօսքերը Երեմիայի բերնէն գրքի մը մէջ դրեց, Յուդայի թագաւորին՝ Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին ու ըսաւ. «Ո՛վ Բարուք, Իսրայէլին Տէր Աստուածը քեզի համար այսպէս կ՛ըսէ. ‘Դուն ըսիր, Հիմա վա՜յ ինծի, վասն զի Տէրը իմ ցաւիս վրայ տրտմութիւն աւելցուց. իմ հեծութենէս յոգնեցայ ու հանգստութիւն չեմ գտներ»’։ Անոր այսպէս ըսէ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ շինածս պիտի փլցնեմ ու իմ տնկածս պիտի խլեմ, այսինքն այս բոլոր երկիրը։ Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր, քանզի ահա ես ամէն մարմնի վրայ չարիք պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը, բայց քու կեանքդ քեզի աւարի մը պէս պիտի տամ քու ամէն երթալու տեղերդ’»։ Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին, ազգերուն վրայով։ Եգիպտոսի համար, Եգիպտացիներու թագաւորին, Փարաւոն Նեքաւովին, Քարքամիսի մէջ Եփրատ գետին քով եղող զօրքին վրայ, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ՝ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին չորրորդ տարին։ «Ասպար ու վահան պատրաստեցէ՛ք Եւ պատերազմի մօտեցէ՛ք։ Ձիերը լծեցէք ու դուք, ո՛վ ձիաւորներ, հեծէ՛ք. Սաղաւարտներով կայնեցէ՛ք, Նիզակները փայլեցուցէ՛ք, զրահներ հագէ՛ք։ Զանոնք ինչո՞ւ համար զարհուրած ու ետ դարձած կը տեսնեմ։ Անոնց զօրաւորները անգամ ջարդուեցան Ու արտորնօք փախչելով իրենց ետեւը չնայեցան. ‘Ամէն կողմէ վախ կայ’, կ’ըսէ Տէրը։ Շուտ վազողը թող փախչի Ու զօրաւորը չազատի։ Անոնք հիւսիսային կողմը, Եփրատ գետին քով, Գլորելով պիտի իյնան։ Ո՞վ է ասիկա, որ գետի պէս կը տարածուի, Որուն ջուրերը գետերու պէս կ’ուռին։ Եգիպտոս գետի պէս կը տարածուի Եւ անոր ջուրերը գետերու պէս կ’ուռին։ Ու կ’ըսէ. ‘Տարածուիմ, երկիրը ծածկեմ, Քաղաքն ու անոր բնակիչները բնաջինջ ընեմ’։ Ո՛վ ձիեր, ելէ՛ք եւ ո՛վ կառքեր, կատղեցէ՛ք Եւ զօրաւորները թող ելլեն, Վահան բռնող Եթովպիացիները ու Փութացիները Ու աղեղ բռնող ու լարող Ղուդացիները։ Վասն զի այսօր զօրքերու Տէր Եհովային վրէժխնդրութեան օրն է, Որ իր թշնամիներէն վրէժ առնէ։ Սուրը պիտի ուտէ ու կշտանայ, Անոնց արիւնովը պիտի գինովնայ, Վասն զի հիւսիսի երկրին մէջ, Եփրատ գետին քով, Զօրքերու Տէր Եհովան զոհ ունի։ Դէպի Գաղաադ ելի՛ր ու Բալասանը ա՛ռ, Ո՛վ Եգիպտոսի կոյս աղջիկ, Դեղերը պարապ տեղ կը շատցնես, Քանզի քեզի բժշկութիւն չկայ։ Ազգերը քու անարգանքդ լսեցին Ու քու աղաղակդ երկիրը լեցուց. Վասն զի զօրաւորը զօրաւորին վրայ գլորեցաւ, Երկուքը մէկտեղ ինկան»։ Ասիկա է այն խօսքը, որ Տէրը Երեմիա մարգարէին խօսեցաւ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին գալուն ու Եգիպտոսը զարնելուն համար։ «Եգիպտոսի մէջ պատմեցէ՛ք, Մագդողի, Մեմփիսի ու Տափնասի մէջ հրատարակեցէ՛ք Ու ըսէ՛ք. ‘Կայնէ՛ ու պատրաստ եղի՛ր, Վասն զի քու բոլորտիքդ սուրը պիտի ուտէ՛։ Քու զօրաւորներդ ինչո՞ւ կործանեցան. Անոնք չկրցան կենալ, վասն զի Տէրը զանոնք վար ձգեց։ Գլորուածները շատցուց ու իրարու վրայ ինկան Ու ըսին. ‘Ելի՛ր ու բռնաւորին սուրին պատճառով Մեր ժողովուրդին ու մեր ծննդեան երկիրը դառնանք’։ Հոն կը կանչէին. ‘Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորը պարապ տեղը կ’աղաղակէ. Անիկա իր որոշուած ժամանակը անցուց’։ «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ այն Թագաւորը Որուն անունը Զօրքերու Տէր է, Ինչպէս Թաբօրը լեռներու մէջ է, Ինչպէս Կարմեղոսը մինչեւ ծովը կը հասնի, Այնպէս անիկա պիտի գայ։ Ո՛վ Եգիպտոս բնակող աղջիկ, Գերութեան կարասիներ պատրաստէ քեզի. Վասն զի Մեմփիսը ամայի պիտի ըլլայ Ու աւերակ առանց բնակիչի։ «Եգիպտոս խիստ գեղեցիկ երինջ մըն է, Բայց կոտորած մը կու գայ, հիւսիսէն կու գայ։ Եւ անոր մէջ վարձքով բռնուած զօրքերը գիրցած զուարակներու պէս են. Սակայն անոնք ալ ետ դարձան, մէկտեղ փախան, չկայնեցան. Վասն զի անոնց վրայ՝ անոնց կորստեան օրը Ու անոնց պատուհասի ժամանակը հասաւ։ «Անոր ձայնը օձի ձայնին պէս պիտի ըլլայ, Վասն զի զօրքով պիտի հասնին Եւ անոր վրայ փայտահատներու պէս տապարներով պիտի գան. Անոր անտառը պիտի կտրտեն, կ’ըսէ Տէրը, Թէպէտեւ անոր ծառերը անթիւ են Ու անոնք մարախէն շատ են, Այնպէս որ չեն համրուիր։ Եգիպտոսի աղջիկը ամօթով պիտի ըլլայ, Հիւսիսային ժողովուրդին ձեռքը պիտի մատնուի»։ Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ կ’ըսէ. «Ահա ես Նովացի Ամոնին եւ Փարաւոնին Ու Եգիպտոսին եւ անոր աստուածներուն ու թագաւորներուն, Այսինքն Փարաւոնին ու անոր ապաւինողներուն, պատուհաս պիտի բերեմ Եւ զանոնք՝ իրենց հոգին փնտռողներուն ձեռքը Ու Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը Ու անոր ծառաներուն ձեռքը պիտի մատնեմ Եւ անկէ ետքը հին օրերու պէս պիտի բնակուի, կ’ըսէ Տէրը։ «Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար Եւ ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր. Քանզի ահա ես քեզ հեռուէն Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեան երկրէն պիտի ազատեմ։ Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ»։ «Դուն մի՛ վախնար, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, կ’ըսէ Տէրը, Վասն զի ես քեզի հետ եմ. Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը, Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի, Բայց քեզ պիտի չսպառեմ, Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ, Թէեւ քեզ բոլորովին անմեղ պիտի չհանեմ»։ Տէրոջը խօսքը, որ Երեմիա մարգարէին եղաւ Փղշտացիներուն վրայով՝ դեռ Փարաւոն Գազանը չզարկած։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա հիւսիսէն ջուրեր կու գան, Որոնք յորդած հեղեղի պէս պիտի ըլլան Ու երկիրը եւ անոր լիութիւնը, Քաղաքն ու անոր բնակիչները պիտի կոխեն. Մարդիկ պիտի աղաղակեն, Երկրին բոլոր բնակիչները պիտի ոռնան։ Անոր երիվարներուն սմբակներուն ձայնէն, Անոր կառքերուն շաչիւնէն, Անիւներուն շառաչիւնէն՝ Հայրերը իրենց տղոցը պիտի չնային Իրենց ձեռքերուն թուլնալուն համար, Բոլոր Փղշտացիները կորսնցնելու Եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի Բոլոր մնացած օգնականները կոտորելու եղող օրուանը պատճառով, Քանզի Տէրը Փղշտացիները, Կափթոր կղզիին մնացորդները, պիտի կորսնցնէ։ Գազայի վրայ կնտութիւն եկաւ, Ասկաղոնը՝ իր հովտին մնացորդովը աւերակ եղաւ. Մինչեւ ե՞րբ քու մարմնիդ վրայ կտրածներ պիտի ընես։ Ո՛վ Տէրոջը սուրը, Մինչեւ ե՞րբ հանդարտ պիտի չկենաս։ Քու պատեանդ դարձիր, Հանգչէ՛ ու լռէ՛։ Ի՞նչպէս կրնայ հանդարտ կենալ. Երբ Տէրը անոր հրամայեր է, Ասկաղոնի ու ծովեզերքի դէմ Ղրկեր է զանիկա»։ Մովաբին վրայով զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Վա՜յ Նաբաւին, վասն զի աւերուեցաւ. Կարիաթեմը ամչցաւ ու առնուեցաւ. Մասգաբը ամչցաւ ու զարհուրեցաւ։ Մովաբը ա՛լ պիտի չպարծի։ Եսեբոնի մէջ անոր վրայ չարիք խորհեցան ու ըսին. ‘Եկէ՛ք, զանիկա ազգ ըլլալէ դադրեցնենք’։ Դո՛ւն ալ, ո՛վ Մադմէն, լռութեան պիտի դատապարտուիս, Քու ետեւէդ սուր կու գայ։ Որոնայիմէն աղաղակի ձայն կու գայ. ‘Աւերում ու մեծ կոտորած կայ’։ Մովաբ կործանուեցաւ, Անոր պզտիկ տղաքները աղաղակ բարձրացուցին։ Քանզի Ղուիթի զառիվերէն Մեծ լացով պիտի ելլեն. Քանզի Որոնայիմի զառիվարէն Թշնամիները կոտորածի աղաղակ լսեցին։ Փախէ՛ք, ձեր անձը ազատեցէ՛ք Եւ անապատին մէջի մոշային պէս եղէ՛ք։ Քանզի քու գործերուդ ու գանձերուդ ապաւինելուդ համար՝ Դուն ալ պիտի առնուիս Եւ Քամովսը գերութեան պիտի երթայ Իր քուրմերով ու իր իշխաններով մէկտեղ։ Եւ ամէն քաղաքի վրայ կործանողը պիտի գայ Ու քաղաք մը պիտի չազատի. Հովիտը պիտի կորսուի ու դաշտը պիտի աւերուի, Ինչպէս Տէրը ըսաւ։ «Մովաբին թեւեր տուէ՛ք, որպէս զի թռչելով փախչի, Քանզի անոր քաղաքները ամայի պիտի ըլլան՝ բնակիչ չունենալով։ «Տէրոջը գործը նենգութեամբ կատարողը անիծեալ ըլլայ Ու իր սուրը արիւնէն խնայողը անիծեալ ըլլայ։ «Մովաբ իր տղայութենէն ի վեր հանգստութեան մէջ էր, Գինիի պէս իր մրուրին վրայ կը նստէր, Ամանէ աման չթափուեցաւ, Գերութեան չգնաց. Անոր համար իր համը իր մէջ մնաց Ու հոտը չփոխուեցաւ։ «Բայց ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ փոխադրողներ պիտի ղրկեմ Զանիկա պիտի փոխադրեն, Անոր ամանները պիտի պարպեն, Տիկերը կտոր կտոր պիտի ընեն։ Մովաբը Քամովսէն պիտի ամչնայ, Ինչպէս Իսրայէլին տունը իր ապաւինած Բեթէլէն ամչցաւ։ «Ի՞նչպէս կ’ըսէք թէ ‘Մենք կտրիճներ ենք Ու պատերազմի համար զօրաւոր մարդիկ ենք’։ Մովաբը աւերուեցաւ եւ անոր քաղաքները այրուեցան Ու անոր ընտիր երիտասարդները մորթուելու տարուեցան, Կ’ըսէ այն Թագաւորը, որուն անունը Զօրքերու Տէր է։ Մովաբին կորուստը գալու մօտ է Եւ անոր պատուհասը խիստ կ’որոտայ։ Ո՛վ անոր բոլորտիքը եղողներ, ամէնքդ անոր վրայ ողբացէ՛ք Ու ըսէք դուք՝ որ անունը գիտէք. ‘Զօրութեան գաւազանը, փառքի ցուպը, Ի՜նչպէս կոտրեցաւ’։ «Ով Դեբոնի մէջ բնակող աղջիկ, Փառքէն իջիր ու չոր գետնի վրայ նստէ՛. Վասն զի Մովաբը կործանողը քու վրադ պիտի ելլէ Եւ քու պարիսպներդ պիտի աւերէ։ Ճամբուն վրայ կայնէ ու դիտէ, Ո՛վ Արոէրի բնակիչ, Փախչողին ու ազատողին հարցուր Ու ըսէ՛ թէ՝ ‘Ի՞նչ եղաւ’։ Մովաբը ամչցաւ, վասն զի կոտրեցաւ. Ողբա՛ ու աղաղակէ՛. Մովաբին աւրուիլը Առնոնի մէջ պատմեցէ՛ք։ «Դաշտային երկրին, Քօղօնի, Յասսայի ու Մեփայաթի վրայ դատաստան եկաւ, Նաեւ Դեբոնի, Նաբաւի, Բեթդէբլաթեմի, Կարիաթեմի եւ Բեթգամովղի, Բեթմաւոնի, Կարիօթի, Բօսրայի Ու Մովաբի երկրին բոլոր քաղաքներուն վրայ, Թէ՛ հեռաւոր եւ թէ՛ մօտաւոր։ Մովաբին եղջիւրը կոտրուեցաւ Ու բազուկը բեկանուեցաւ», կ’ըսէ Տէրը։ Զանիկա գինովցուցէ՛ք, Վասն զի Տէրոջը դէմ հպարտացաւ։ Մովաբ թող իր փսխունքին մէջ թաւալի Եւ ինքն ալ ծաղրանքի առարկայ ըլլայ։ Միթէ Իսրայէլ քեզի ծաղրանքի առարկայ չեղա՞ւ. Անիկա գողերո՞ւ մէջ գտնուեցաւ, Երբ դուն անոր վրայով կը խօսէիր, գլուխ կը շարժէիր։ «Ո՛վ Մովաբի բնակիչներ, Քաղաքները թողուցէ՛ք, ծերպերու մէջ բնակեցէ՛ք։ Փոսի բերնին քովերը իր բոյնը շինող աղաւնիին պէս եղէ՛ք»։ Մովաբին ամբարտաւանութիւնը լսեցինք. Անիկա խիստ ամբարտաւան է։ Անոր հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, յոխորտանքը Ու սրտին գոռոզութիւնը լսեցինք ։ «Ես անոր ամբարտաւանութիւնը գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, Բայց պարապ է. Անոր սնապարծ խօսքերը պարապ պիտի ելլեն»։ Ուստի Մովաբին համար պիտի ողբամ ու աղաղակեմ։ Կիրհարէսի մարդոցը համար սուգ պիտի բռնուի։ Ո՛վ Սեբամայի որթատունկ, քու վրայ Յազերի լացովը պիտի լամ. Քու շառաւիղներդ ծովէն անցնելով Մինչեւ Յազերի ծովը հասեր էին։ Քու ամառնային պտուղիդ վրայ եւ այգեկութիդ վրայ աւարառուն ինկաւ։ Ու պտղաբեր արտերէն եւ Մովաբի երկրէն Ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը պիտի վերնան։ Հնձաններէն գինին դադրեցուցի. Ցնծութեամբ խաղող պիտի չկոխուի Ու ցնծութեան ձայն պիտի չլսուի։ «Եսեբոնին աղաղակը մինչեւ Եղէաղէ, Մինչեւ Յասսա ձայն տուաւ, Երեք տարեկան երինջի պէս, Սեգովրէն մինչեւ Որոնայիմ. Քանզի Նեմերիմին ջուրերը անգամ աւրուեցան։ Մովաբին բարձր տեղը ողջակէզ մատուցանողը Ու իր աստուածներուն խունկ ծխողը Պիտի վերցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Այս պատճառով իմ սիրտս Մովաբին համար սրինգներու պէս պիտի հնչէ Ու Կիրհարէսին մարդոցը համար ալ իմ սիրտս սրինգներու պէս պիտի հնչէ. Վասն զի անոնց ստացած հարստութիւնը կորսուեցաւ։ «Քանզի ամէն գլուխ կնտակ պիտի ըլլայ Եւ ամէն մօրուք պիտի կտրուի Ու ամէն ձեռքի վրայ կտրածներ պիտի ըլլան Եւ ամէն մէջքի վրայ քուրձ պիտի ըլլայ։ Մովաբի բոլոր տանիքներուն վրայ Ու անոր փողոցներուն մէջ միայն կոծ պիտի ըլլայ, Վասն զի Մովաբը կոտրեցի այնպիսի ամանի մը պէս, Որով ո՛չ ոք կը մտահոգուի, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Ի՜նչպէս կոտրեցաւ Մովաբը, Ի՜նչպէս ամօթով կռնակ դարձուց’, պիտի ըսեն ու ողբան։ Մովաբ ամէն իր բոլորտիքը եղողներուն՝ Խայտառակութեան ու սոսկումի պատճառ պիտի ըլլայ»։ Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա թշնամին արծիւի պէս պիտի թռչի Ու իր թեւերը Մովաբին վրայ պիտի տարածէ։ Քաղաքները կ’առնուին՝ ՝ Եւ բերդերը կը նուաճուին Ու այն օրը Մովաբի զօրաւորներուն սիրտը Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ։ Եւ Մովաբ ժողովուրդ ըլլալէ պիտի դադրի, Վասն զի Տէրոջը դէմ հպարտացաւ։ ‘Ով Մովաբի բնակիչ, Քու առջեւդ վախ, գուբ ու որոգայթ կայ’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Վախէն փախչողը գուբը պիտի իյնայ Եւ գուբէն ելլողը որոգայթի մէջ պիտի բռնուի. Քանզի անոր վրայ, Մովաբի վրայ, Անոնց պատուհասի տարին պիտի բերեմ’, կ’ըսէ Տէրը։ « Ուժէն փախչողները՝ ՝ Եսեբոնի հովանիին տակ կայնեցան. Բայց Եսեբոնէն կրակ Ու Սեհոնի մէջէն բոց ելաւ Եւ Մովաբին ծայրը Ու աղաղակողներուն գագաթը կերաւ։ Վա՜յ քեզի, Մովաբ, Քամովսի ժողովուրդը կորսուեցաւ. Քանզի քու տղաքներդ գերի առնուեցան Ու աղջիկներդ՝ գերութեան։ Բայց վերջին օրերը Մովաբը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Մովաբին դատաստանը մինչեւ հոս է։ Ամմոնին որդիներուն վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Միթէ Իսրայէլ տղաքներ չունի՞. Միթէ անիկա ժառանգ չունի՞. Ինչո՞ւ Մեղքոմը Գադին ժառանգ եղաւ։ Ու իր ժողովուրդը անոր քաղաքներուն մէջ բնակեցաւ։ Ասոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ Ամմոնին որդիներուն Ռաբբայի մէջ Պատերազմի աղաղակ լսել պիտի տամ Ու անիկա աւերակներու դէզ պիտի ըլլայ Եւ անոր գիւղերը կրակով պիտի այրին Ու Իսրայէլ իրեն տիրողներուն վրայ պիտի տիրէ, կ’ըսէ Տէրը։ «Ողբա՛, ո՛վ Եսեբոն, վասն զի Գային կորսուեցաւ։ Աղաղակեցէ՛ք, ո՛վ Ռաբբայի աղջիկներ, Քուրձեր հագէ՛ք, լացէ՛ք Ու ցանկէ ցանկ վազեցէ՛ք. Վասն զի Մեղքոմ գերութեան կ’երթայ Իր քուրմերովն ու իշխաններովը մէկտեղ։ Ինչո՞ւ քու հովիտներովդ կը պարծիս։ Քու հովիտդ աւերուեցաւ, ո՛վ ապստամբ աղջիկ, Որ քու գանձերուդ ապաւիներ էիր Ու կ’ըսէիր թէ ‘Իմ վրաս ո՞վ կրնայ գալ’։ «Ահա ես, կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան, Քու վրադ վախ պիտի բերեմ Բոլորտիքդ եղողներէն Եւ ամէն մէկը իր առջեւի ճամբան երթալով ՝ պիտի ցրուիք Ու փախստականները հաւաքող պիտի չըլլայ։ Եւ անկէ ետքը Ամմոնին որդիները գերութենէ Պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Եդովմի վրայով զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Արդեօք Թեմանի մէջ ա՛լ իմաստութիւն չկա՞յ Ու հանճարեղներէն խորհուրդը կորսուեցա՞ւ. Անոնց իմաստութիւնը հատա՞ւ։ Փախէ՛ք, դարձէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք, Ո՛վ Դեդանի բնակիչներ, Վասն զի Եսաւին կորուստը Անոր պատժուելու ժամանակը անոր վրայ պիտի բերեմ։ Եթէ քեզի այգի կթողներ գային, Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն. Եթէ գիշերով գողեր գային. Իրենց բաւարար եղածին չա՞փ պիտի յափշտակէին։ Բայց ես Եսաւը բոլորովին մերկացուցի, Անոր ծածուկ տեղերը բացի, Այնպէս որ ան չկրցաւ պահուըտիլ։ Անոր զաւակները, անոր եղբայրներն ու անոր դրացիները կորսուեցան Եւ ինք չկայ։ Որբերդ թո՛ղ տուր, ես զանոնք ողջ կը պահեմ Ու քու որբեւարիներդ թող ինծի ապաւինին»։ Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա անոնք, որ բաժակը խմելու պարտաւոր չէին, անշուշտ պիտի խմեն. Իսկ դուն բոլորովին անպատի՞ժ պիտի մնաս։ Անպատիժ պիտի չմնաս, Հապա անպատճառ պիտի խմես։ Վասն զի իմ անձիս վրայ երդում կ’ընեմ, կ’ըսէ Տէրը, Որ Բօսրան ամայութիւն, նախատինք, աւերակ ու անէծք պիտի ըլլայ Եւ անոր բոլոր քաղաքները յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլան»։ Տէրոջը կողմէ լուր լսեցի Ու ազգերուն դեսպան ղրկուած է, որ կ’ըսէ. «Հաւաքուեցէ՛ք եւ անոր վրայ գացէ՛ք Ու պատերազմի ելէ՛ք»։ Քանզի ահա քեզ ազգերու մէջ՝ պզտիկ Ու մարդոց մէջ անարգ ըրի։ Քու ահաւորութիւնդ, քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեցին, Ո՛վ վէմին խոռոչներուն մէջ բնակող Ու բարձր բլուրներուն փակչող. Եթէ քու բոյնդ արծիւի պէս բարձրերն ալ շինես, Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ, կ’ըսէ Տէրը։ «Եդովմ ամայի պիտի ըլլայ. Անկէ ամէն անցնող պիտի զարմանայ Եւ անոր բոլոր աղէտներուն համար պիտի սուլէ։ Սոդոմի ու Գոմորի եւ անոր շրջակայ քաղաք ներուն կործանումին պէս», կ’ըսէ Տէրը, «Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի Ու անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։ Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն. Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանիկա Եւ ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ. Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ Ու ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի՝ ՝ Եւ ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։ Անոր համար Եդովմի վրայով Տէրոջը խորհուրդը Ու Թեմանի բնակիչներուն վրայով կազմած ծրագիրը լսեցէ՛ք. Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք, Անշուշտ անոնց բնակարանները անոնց հետ պիտի աւերէ։ Անոնց իյնալու ձայնէն երկիրը պիտի շարժի. Անոնց աղաղակին ձայնը մինչեւ Կարմիր ծով պիտի լսուի։ Ահա թշնամին արծիւի պէս բարձրանալով պիտի թռչի Ու իր թեւերը Բօսրայի վրայ պիտի տարածէ Եւ այն օրը Եդովմին զօրաւորներուն սիրտը Իր երկունքին մէջ եղող կնոջ սրտին պէս պիտի ըլլայ»։ Դամասկոսի վրայով։ «Եմաթ ու Արփաթ ամչցան, Քանզի գէշ լուր լսեցին ու մարեցան։ Ծովուն մէջ տառապանք կայ, Անիկա չի կրնար հանդարտիլ։ Դամասկոս տկարացաւ, Սկսաւ փախչիլ, Արհաւիրքը անոր վրայ հասաւ. Զանիկա ծննդական կնոջ պէս նեղութիւն ու ցաւեր բռնեցին։ Ի՜նչպէս լքուեցաւ երեւելի քաղաքը Ու ուրախութեան քաղաքը։ Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան Եւ բոլոր պատերազմիկները Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Դամասկոսի պարսպին մէջ կրակ պիտի բռնկցնեմ, Որ Բենադադին պալատները պիտի լափէ»։ Կեդարին վրայով ու Հասորի թագաւորութիւններուն վրայով, որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զարկաւ, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ելէ՛ք, Կեդարի՛ վրայ գացէք Եւ արեւելքի բնակիչները ջարդեցէ՛ք. Անոնց վրաններն ու հօտերը պիտի առնուին, Անոնց վարագոյրներն ու բոլոր կարասիները Եւ ուղտերը իրենցմէ հեռու պիտի տարուին Ու անոնց պիտի ըսուի թէ ‘Ամէն կողմանէ վախ կայ’։ Փախէ՛ք, շուտով հեռացէ՛ք, խորունկ տեղեր բնակեցէ՛ք, Ո՛վ Հասորի բնակիչներ, կ’ըսէ Տէրը, Վասն զի Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Ձեզի դէմ բան մը ծրագրեց Ու ձեզի դէմ դիտաւորութիւն մը մտածեց։ «Ելէ՛ք ու հանգստութեան եւ ապահովութեան մէջ բնակող ազգին գացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Որ դռներ ու նիգեր չունի ու առանձինն կը բնակի։ Եւ անոնց ուղտերը պիտի կողոպտուին Ու անոնց խաշինքներուն բազմութիւնը պիտի յափշտակուի Եւ իրենց մօրուքին ծայրը կտրողները ամէն հովի պիտի ցրուեմ Ու անոնց կործանումը ամէն կողմէ պիտի բերեմ, կ’ըսէ Տէրը Եւ Հասորը չագալներու բնակարան, Յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ. Հոն մարդ պիտի չնստի Ու հոն մարդու զաւակ պիտի չբնակի»։ Յուդայի թագաւորին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Եղամին մասին Երեմիա մարգարէին եղած Տէրոջը խօսքն է, որ ըսաւ. Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Եղամին աղեղը, Անոնց գլխաւոր զօրութիւնը պիտի կոտրեմ։ Ու Եղամին վրայ երկնքի չորս կողմէն չորս հովեր պիտի բերեմ, Զանոնք այս բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ Ու պիտի չըլլայ ազգ մը, որուն Եղամի փախստականները չերթան։ Ու Եղամացիները իրենց թշնամիներուն առջեւ Եւ իրենց հոգին փնտռողներուն առջեւ պիտի վախցնեմ Ու անոնց վրայ պատուհաս պիտի բերեմ, Այսինքն իմ սաստիկ բարկութիւնս, կ’ըսէ Տէրը։ Եւ անոնց ետեւէն սուր պիտի ղրկեմ, Մինչեւ զանոնք հատցնեմ։ Ու իմ աթոռս Եղամի մէջ պիտի դնեմ Եւ թագաւոր ու իշխաններ պիտի կորսնցնեմ անկէ, կ’ըսէ Տէրը։ Բայց վերջին օրերը Եղամը գերութենէ պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Բաբելոնի վրայով, Քաղդէացիներու երկրին վրայով, Երեմիա մարգարէին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքը։ «Ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք. Հրատարակեցէ՛ք ու դրօշ վերցուցէ՛ք. Հրատարակեցէ՛ք ու մի՛ ծածկէք ու ըսէ՛ք՝ ‘Բաբելոնը առնուեցաւ, Բէլը ամչցաւ, Մարովդաքը կոտրեցաւ, Անոր արձանները ամչցան, Անոր կուռքերը կոտրտեցան’. Վասն զի անոր վրայ հիւսիսէն ազգ մը ելաւ, Որը անոր երկիրը աւերակ պիտի ընէ Ու հոն բնակիչ պիտի չմնայ. Մարդէ մինչեւ անասուն պիտի փախչին երթան»։ «Այն օրերը ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլին որդիները, իրենք ու Յուդային որդիները, մէկտեղ պիտի գան, Քալելով ու լալով պիտի գան Եւ իրենց Տէր Աստուածը պիտի փնտռէն։ Սիօնի համար պիտի հարցնեն՝ Իրենց երեսը դէպի հոն դարձնելով. ‘Եկէ՛ք ու Տէրոջը յարի՛նք Յաւիտենական ու անմոռաց ուխտով մը’։ «Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ, Իրենց հովիւները զանոնք մոլորեցուցին։ Զանոնք լեռներու վրայ պտըտցուցին։ Անոնք ալ լեռնէ լեռ ու բլուրէ բլուր գացին Ու իրենց մակաղատեղին մոռցան։ Բոլոր գտնողները զանոնք կերան Ու անոնց թշնամիները ըսին՝ ‘Մենք յանցանք չունինք, Վասն զի անոնք արդարութեան բնակարան եղող Տէրոջը դէմ Ու իրենց հայրերուն յոյսը եղող Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին’։ «Բաբելոնէն փախէ՛ք Ու Քաղդէացիներու երկրէն ելէք Եւ հօտերուն առջեւէն գացող նոխազներուն պէս եղէ՛ք։ Քանզի ահա ես Բաբելոնի վրայ Հիւսիսի երկրէն մեծ ազգերու խումբ մը Պիտի արթնցնեմ ու հանեմ։ Անոր առջեւ գունդերով պիտի շարուին Եւ ան պիտի առնուի։ Անոնց նետերը, յաջողակ պատերազմողի նետերու պէս Պարապ պիտի չդառնան։ Եւ Քաղդէացիներու երկիրը պիտի կողոպտուի Ու զանիկա թալլողները պիտի կշտանան», կ’ըսէ Տէրը։ «Որովհետեւ դուք ուրախացաք ու խնդացիք, Ո՛վ իմ ժառանգութեանս կողոպտիչներ, Կանանչ խոտերու մէջ արածուող՝ ՝ երինջի պէս ցատկեցէ՛ք Ու երիվարներու պէս վրնջեցէ՛ք։ Ձեր մայրը խիստ ամչցաւ. Ձեզ ծնանողը շնորհազուրկ եղաւ։ Ահա անիկա ազգերուն յետինը, Անապատ, անջրդի ու ամայի պիտի ըլլայ։ Տէրոջը բարկութեանը պատճառով հոն մարդ պիտի չբնակի, Բոլորովին ամայի պիտի ըլլայ։ Ով որ Բաբելոնի քովէն անցնի՝ Անոր հարուածներուն վրայ Պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։ Բաբելոնի շուրջը շարուեցէ՛ք, Ո՛վ աղեղ լարողներ, Անոր նետեցէ՛ք, նետին մի՛ խնայէք, Քանզի անիկա Տէրոջը դէմ մեղք գործեց։ Անոր շուրջը աղաղակ բարձրացուցէ՛ք. Անիկա անձնատուր եղաւ, Անոր հիմերը կործանուեցան, Անոր պարիսպները աւերուեցան, Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնն է։ Անկէ վրէժ առէ՛ք, Անոր իր ըրածին պէս ըրէ՛ք։ Բաբելոնէն սերմանողը ու հունձքի ժամանակ մանգաղ բռնողը կոտորեցէ՛ք. Բռնաւորին սուրին երեսէն Ամէն մարդ իր ժողովուրդին պիտի դառնայ Ու ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։ «Իսրայէլ մոլորեալ ոչխար մըն է, Առիւծներէն հալածուած. Նախ Ասորեստանի թագաւորը զանիկա կերաւ Ու ետքը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը անոր ոսկորները կրծեց։ Ասոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Բաբելոնի թագաւորին ու անոր երկրին վրայ պատուհաս պիտի բերեմ, Ինչպէս Ասորեստանի թագաւորին ըրի։ Եւ Իսրայէլը իր բնակարանը պիտի դարձնեմ Ու Կարմեղոսի եւ Բասանի մէջ պիտի արածի Ու անոր հոգին Եփրեմի լերանը վրայ Ու Գաղաադի վրայ պիտի կշտանայ’։ Այն օրերն ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի մէջ անօրէնութիւն պիտի փնտռուի, Բայց անօրէնութիւն պիտի չըլլայ Եւ Յուդայի մէջ մեղքեր պիտի փնտռուին, Բայց պիտի չգտնուին. Վասն զի պիտի ներեմ անոնց մեղքը, որոնք իբր մնացորդ պահած եմ»։ Մերաթայիմի երկրին վրայ Եւ Փակուդի բնակիչներուն վրայ ելի՛ր, Զանոնք աւերէ՛ Ու նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛, կ’ըսէ Տէրը Եւ քեզի պատուիրածիս պէս ըրէ՛։ Երկրին մէջ պատերազմի ձայն Ու մեծ կոտորած կայ։ Բոլոր երկրին մուրճը ի՜նչպէս կոտրուեցաւ ու փշրուեցաւ։ Բաբելոն ազգերուն մէջ ի՜նչպէս աւերակ եղաւ։ Քեզի որոգայթ լարեցի ու բռնուեցար, ո՛վ Բաբելոն, Բայց դուն չգիտցար։ Գտնուեցար ու ձեռքը անցար, Վասն զի Տէրոջը դէմ մաքառեցար։ Տէրը իր զինարանը բացաւ Ու իր բարկութեան զէնքերը հանեց, Քանզի Քաղդէացիներու երկրին մէջ Զօրքերու Տէր Եհովան կատարելիք գործ մը ունի։ Երկրի ծայրէն անոր վրայ եկէ՛ք, Անոր շտեմարանները բացէ՛ք, Զանիկա շեղջերու պէս դիզեցէ՛ք Ու նզովուածի պէս զանիկա բնաջինջ ըրէ՛ք. Անկէ մնացորդ մի՛ թողուք։ Անոր բոլոր զուարակները կորսնցուցէ՛ք, Թող անոնք սպանդանոցը իջնեն։ Վա՜յ անոնց, քանզի անոնց օրը, Անոնց պատուհասի ժամանակը հասած է։ Բաբելոնի երկրէն փախչողներուն ու ազատուածներուն ձայնը կու գայ, Որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն վրէժխնդրութիւնը, Անոր տաճարին վրէժխնդրութիւնը, Սիօնի մէջ պատմէ։ «Բաբելոնի վրայ աղեղնաւորներ կանչեցէ՛ք. Ո՛վ բոլոր աղեղ լարողներ, Անոր բոլորտիքը բանակեցէ՛ք. Չըլլայ թէ մարդ մը ազատի։ Անոր իր գործերուն համեմատ հատուցում ըրէք։ Անոր իր ամէն ըրածին պէս ըրէ՛ք. Վասն զի անիկա Տէրոջը դէմ՝ Իսրայէլին Սուրբին դէմ՝ հպարտացաւ։ Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան Եւ անոր բոլոր պատերազմիկները Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։ «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ հպարտ, Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան, Քանզի քու օրդ, քեզ պատուհասելու ժամանակը հասած է։ Հպարտը գլորուելով պիտի իյնայ Ու մէ՛կը պիտի չըլլայ, որ զանիկա վերցնէ։ Անոր քաղաքներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ, Որ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը ուտէ»։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները մէկտեղ զրկանք կրեցին Ու անոնց բոլոր գերեվարները զանոնք բռնեցին Ու չեն ուզեր զանոնք արձակել։ Անոնց Փրկիչը զօրաւոր է, Անոր անունը Զօրքերու Տէր է. Անիկա անշուշտ անոնց դատին ջատագով պիտի ըլլայ, Որպէս զի երկրին հանգստութիւն տայ Ու Բաբելոնի բնակիչները խռովեցնէ։ Տէրը կ’ըսէ թէ Քաղդէացիներուն վրայ Ու Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ Եւ անոր իշխաններուն ու իմաստուններուն վրայ սուր պիտի գայ ։ Ստախօսներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի խենդենան։ Անոր կտրիճներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի զարհուրին։ Անոր ձիերուն ու կառքերուն վրայ Եւ անոր մէջ եղող բոլոր խառնիճաղանճ բազմութեանը վրայ սուր պիտի գայ Ու կիներու պէս պիտի ըլլան։ Անոր գանձերուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի յափշտակուին։ Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին։ Քանզի անիկա կուռքերու երկիր է Ու իրենց կուռքերովը կը յիմարանան։ Անոր համար հոն վայրենի կատուներ ու բորենիներ պիտի բնակին Ու հոն ջայլամներ պիտի բնակին։ Եւ հոն անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի Ու ազգէ ազգ հոն բնակիչ պիտի չըլլայ։ Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին Եւ անոր շրջակայ քաղաք ներուն պէս, կ’ըսէ Տէրը, Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի Եւ անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։ «Ահա հիւսիսէն ժողովուրդ մը պիտի գայ Ու մեծ ազգ մը եւ շատ թագաւորներ Երկրի ծայրերէն պիտի արթննան։ Անոնք աղեղ ու նիզակ կը կրեն, Անոնք անգութ ու անողորմ են։ Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ Եւ անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն Ու պատերազմող մարդու պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ Բաբելոնի աղջիկ։ Երբ Բաբելոնի թագաւորը այս լուրը լսեց, Անոր ձեռքերը թուլցան. Նեղութիւնը շրջապատեց զանիկա Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։ Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն։ Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանոնք։ Ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ. Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ։ Ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի. Ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։ Անոր համար Բաբելոնի վրայով ունեցած Տէրոջը խորհուրդը Ու Քաղդէացիներու երկրին վրայ ունեցած մտածումը լսեցէ՛ք. Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք. Անշուշտ անոնց բնակարանները իրենց հետ պիտի աւերէ։ Բաբելոնի առնուելու ձայնէն երկիրը կը շարժի Ու ազգերուն մէջ աղաղակ կը լսուի»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Բաբելոնի վրայ Ու իմ թշնամիներուս մէջտեղ բնակողներուն վրայ Ապականիչ հով մը պիտի հանեմ։ Բաբելոնի վրայ հոսողներ պիտի ղրկեմ Ու զանիկա պիտի հոսեն եւ անոր երկիրը պիտի պարպեն։ Վասն զի պատուհասին օրը անոր վրայ ամէն կողմէն պիտի գան։ Աղեղնաւորը պիտի լարէ իր աղեղը աղեղնաւորին դէմ Ու իր զրահը՝ հպարտացողին դէմ։ Անոր երիտասարդներուն մի՛ խնայէք, Անոր բոլոր զօրքը նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛ք։ Քաղդէացիներուն երկրին մէջ սպաննուածներ Եւ անոր հրապարակներուն մէջ խոցոտուածներ պիտի իյնան։ Քանզի Իսրայէլն ու Յուդան իրենց Աստուծմէն՝ Զօրքերու Տէրոջմէն՝ չմերժուեցան, Թէպէտեւ իրենց երկիրը Իսրայէլի Սուրբին դէմ Յանցանքով լեցուեցաւ։ «Բաբելոնի մէջէն փախէ՛ք։ Ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ, Որպէս զի անոր անօրէնութիւնովը չկործանիք. Քանզի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութեան ժամանակն է, Ինք անոր հատուցում պիտի ընէ։ Բաբելոն Տէրոջը ձեռքին մէջ Բոլոր երկիրը գինովցնող ոսկի գաւաթ մը եղաւ. Անոր գինիէն ազգերը խմեցին, Ատոր համար ազգերը յիմարացան։ Բաբելոն յանկարծ ինկաւ կոտրեցաւ, Անոր վրայ ողբացէ՛ք. Անոր վէրքին համար բալասան առէ՛ք, Թերեւս բժշկութիւն գտնէ։ Բաբելոնին դեղ ըրինք, բայց բժշկութիւն չգտաւ. Զանիկա թողուցէ՛ք ու մեզմէ իւրաքանչիւրը իր երկիրը թող երթայ. Վասն զի անոր դատաստանը մինչեւ երկինք հասաւ Ու մինչեւ ամպերը ելաւ։ Տէրը մեր արդարութիւնը երեւան հանեց։ Եկէ՛ք ու Սիօնի մէջ Մեր Տէր Աստուծոյն գործը պատմենք։ Նետերը փայլեցուցէ՛ք, վահանները առէ՛ք. Տէրը Մարերու թագաւորներուն հոգին արթնցուց, Քանզի Տէրը խորհեցաւ, որ Բաբելոնը բնաջնջէ։ Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնը, Իր տաճարին վրէժխնդրութիւնն է։ Բաբելոնի պարիսպներուն դէմ դրօշակ վերցուցէ՛ք, Պահապան զօրքը ուժովցուցէ՛ք, Դէտեր կարգեցէ՛ք, դարաններ պատրաստեցէ՛ք, Քանզի Տէրը որոշեց Եւ Բաբելոնի բնակիչներուն համար որոշածը գործադրեց։ Ո՛վ շատ ջուրերու քով բնակող ու շատ գանձեր ունեցող, Քու վախճանդ հասաւ ու քու ագահութեանդ չափը լեցուեցաւ»։ Զօրքերու Տէրը իր անձին վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով. ‘Անշուշտ քեզ մարախի բազմութեանը չափ մարդոցմով պիտի լեցնեմ, Որոնք քու վրադ բարձր ձայնով պիտի պոռան’։ Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց։ Աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։ Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց։ Երբ իր ձայնը տայ, երկնքի մէջ ջուրերու բազմութիւն կ’ըլլայ։ Երկրի ծայրերէն շոգի կը հանէ, Անձրեւի համար փայլակներ կը շինէ Ու հով կը հանէ իր շտեմարաններէն։ Ամէն մարդ գիտութենէ զրկուած ՝ անասուն դարձաւ, Ամէն ոսկերիչ իր քանդակած կուռքին պատճառով ամչցաւ, Վասն զի իր ձուլած կուռքը ստութիւն է։ Անոնք հոգի չունին, Անոնք ունայնութեան եւ խաբէութեան գործեր են. Իրենց պատուհասի ատեն անոնք պիտի կորսուին։ Յակոբին բաժինը ասոնց պէս չէ, Վասն զի ամենուն Ստեղծողն է անոր բաժինը Ու Իսրայէլ անոր ժառանգութեան վիճակն է Եւ անոր անունը Եհովա Սաբաւովթ է։ «Դուն՝ իմ կռանս, պատերազմական գործիքս ես։ Քեզմով ազգեր պիտի կոտորեմ։ Ու քեզմով թագաւորութիւններ պիտի աւերեմ։ Ձին ու անոր հեծեալը քեզմով պիտի կոտորեմ, Կառքն ու կառավարը քեզմով պիտի կոտրտեմ, Քեզմով մարդն ու կինը պիտի կոտորեմ, Քեզմով ծերն ու երիտասարդը պիտի կոտորեմ։ Կտրիճը եւ կոյսը քեզմով պիտի կոտորեմ։ Հովիւը եւ անոր հօտը քեզմով պիտի կոտորեմ, Երկրագործն ու անոր եզներուն զոյգը քեզմով պիտի կոտորեմ, Կուսակալներն ու նախարարները քեզմով պիտի կոտորեմ։ «Եւ Բաբելոնի ու Քաղդէացիներու երկրին բոլոր բնակիչներուն Պիտի հատուցանեմ իրենց բոլոր չարութիւնը, Ինչպէս ձեր աչքերուն առջեւ Սիօնին ըրին, կ’ըսէ Տէրը։ «Ո՛վ բոլոր երկիրը աւերող ապականիչ լեռ, Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ Տէրը, Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ, Քեզ ժայռերէն վար պիտի գլորեմ։ Քեզ այրած լեռ պիտի ընեմ Ու քեզմէ անկեան քար եւ հիմի քար պիտի չառնեն, Քանզի յաւիտենապէս աւերակ պիտի ըլլաս», կ’ըսէ Տէրը։ Երկրին մէջ դրօշակ բարձրացուցէ՛ք, Ազգերուն մէջ փող հնչեցուցէ՛ք, Անոր դէմ ազգեր պատրաստեցէք, Անոր վրայ Արարատի, Միննիի Ու Ասքանազի թագաւորութիւնները կանչեցէ՛ք, Անոր վրայ զօրապետներ դրէ՛ք, Մազոտ մարախներու պէս ձիեր հանեցէ՛ք. Անոր վրայ ազգեր, Մարերու թագաւորները, Անոնց կուսակալներն ու բոլոր նախարարները Եւ անոնց հպատակ երկիրը պատրաստեցէ՛ք։ Երկիրը պիտի դողայ ու նեղութիւն պիտի կրէ, Վասն զի Բաբելոնի համար Տէրոջը խորհուրդները պիտի հաստատուին, Բաբելոնի երկիրը անբնակ ու ամայի ընելու համար։ Բաբելոնի զօրաւոր մարդիկը պատերազմէն դադարեցան Եւ բերդերու մէջ բնակեցան. Ուժերնին հատաւ, կիներու պէս եղան։ Անոր բնակարանները այրուեցան, անոր նիգերը կոտրուեցան։ Սուրհանդակը սուրհանդակի հանդիպելու Ու լրաբերը լրաբերի հանդիպելու պիտի վազէ, Բաբելոնի թագաւորին պատմելու համար Թէ անոր քաղաքը մէկ ծայրէն առնուեցաւ, Թէ անցքերը բռնուեցան, Եղէգները կրակով այրուեցան, Պատերազմիկները զարհուրեցան։ Ահա զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլին Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Բաբելոնի աղջիկը կալի պէս է. Անոր ծեծուելու ատենն է. Քիչ ատենէն ետքը անոր հունձքին ժամանակը պիտի գայ»։ «Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Զիս կերաւ, զիս բնաջինջ ըրաւ, Զիս պարապ ամանի պէս ըրաւ, Վիշապի պէս զիս կլլեց, Իմ փափկութիւններէս իր փորը կշտացուց, Զիս դուրս նետեց»։ Սիօնի բնակիչը պիտի ըսէ. «Ինծի ու իմ մարմնիս եղած զրկանքը Բաբելոնի վրայ ըլլայ»։ Ու Երուսաղէմ պիտի ըսէ. «Իմ արիւնս Քաղդէացիներուն երկրին բնակիչներուն վրայ ըլլայ»։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քու դատիդ պաշտպան պիտի կանգնիմ, Քեզի համար վրէժխնդիր պիտի ըլլամ, Անոր ծովը պիտի ցամքեցնեմ, Անոր աղբիւրը պիտի չորցնեմ։ Բաբելոն աւերակի դէզեր, Չագալներու բնակարան, Զարմանքի եւ սուլելու ենթակայ պիտի ըլլայ։ Հոն մարդ պիտի չբնակի։ «Անոնք առոյգ առիւծներու պէս մէկտեղ պիտի մռնչեն Եւ կորիւններու պէս պիտի մրմռան։ Երբ անոնք գինիէն տաքնան, անոնց կոչունք պիտի ընեմ Ու զանոնք պիտի գինովցնեմ, որպէս զի զուարթանան Եւ յաւիտենական քունով քնանան Ու չարթննան», կ’ըսէ Տէրը։ «Զանոնք սպանդանոցը պիտի իջեցնեմ գառնուկներու պէս Կամ խոյերու պէս՝ նոխազներու հետ»։ «Ի՜նչպէս առնուեցաւ Սիսակը Ու բոլոր երկրի պարծանքը բռնուեցաւ. Բաբելոն ի՜նչպէս աւերակ եղաւ ազգերուն մէջ Ծովը Բաբելոնի վրայ ելաւ, Անոր ալիքներուն շատութենէն ծածկուեցաւ ան։ Անոր քաղաքները աւերակ, Անջրդի երկիր ու անապատ եղան։ Այնպիսի երկիր մը եղան, ուր մարդ չի բնակիր Ու անկէ մարդու զաւակ չ’անցնիր։ Բաբելոնի մէջ Բէլը պիտի պատժեմ Ու անոր բերնէն՝ իր կլլածը պիտի հանեմ Ու անգամ մըն ալ ազգեր անոր պիտի չդիմեն։ Բաբելոնի պարիսպն ալ պիտի փլչի։ «Անոր մէջէն ելէ՛ք, ո՛վ իմ ժողովուրդս Եւ ամէն մարդ թող իր անձը ազատէ Տէրոջը սաստիկ բարկութենէն։ Չըլլայ թէ երկրին մէջ տարածուած լուրէն Ձեր սիրտը թուլնայ ու վախնաք, Երբ մէկ տարուան մէջ լուր մը, Հետեւեալ տարուան մէջ ուրիշ լուր մը գայ, Երկրին մէջ բռնութիւն ըլլայ, Իշխան իշխանի դէմ ելլէ ։ «Անոր համար ահա օրեր կու գան, Երբ Բաբելոնի կուռքերը պիտի պատժեմ. Անոր բոլոր երկիրը պիտի ամչնայ, Անոր բոլոր սպաննուածները անոր մէջ պիտի իյնան։ Այն ատեն երկինք ու երկիր եւ բոլոր անոնց մէջ եղածը Բաբելոնի վրայ պիտի խնդան, Վասն զի աւերողները հիւսիսէն պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը։ Ինչպէս Բաբելոն Իսրայէլի սպաննուածները վար ձգեց, Այնպէս Բաբելոնի մէջ բոլոր երկրին սպաննուածները պիտի իյնան»։ «Ո՛վ սուրէ ազատուածներ, գացէ՛ք, մի՛ կենաք, Հեռուէն Տէրը յիշեցէ՛ք Ու Երուսաղէմ ձեր միտքը թող գայ։ «Նախատինքներուն համար ամչցանք. Ամօթը մեր երեսը ծածկեց, Քանզի Տէրոջը տանը սրբարաններուն մէջ օտարազգիներ մտան։ Անոր համար ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ անոր կուռքերը պիտի պատժեմ Եւ անոր բոլոր երկրին մէջ վիրաւորներ պիտի հեծեն։ Թէեւ Բաբելոն մինչեւ երկինք ելլէ Ու իր զօրութիւնը բարձրութեան մէջ հաստատէ՝ ՝, Իմ կողմէ աւերողներ պիտի գան անոր», կ’ըսէ Տէրը։ Բաբելոնէն աղաղակի ձայն Ու Քաղդէացիներու երկրէն մեծ կոտորածի ձայն կու գայ ։ Քանզի Տէրը Բաբելոնը կ’աւերէ Ու անոր մեծ ձայնը կը խափանէ. Որովհետեւ անոնց ալիքները շատ ջուրերու պէս կը գոռան Եւ անոնց ձայնը աղմուկի փոխուած է։ Քանզի Բաբելոնի վրայ աւերող մը եկաւ Ու անոր զօրաւորները առնուեցան, Անոնց աղեղները կոտրուեցան, Քանզի Տէրը հատուցանող Աստուած ըլլալուն՝ Անշուշտ հատուցում պիտի ընէ։ «Անոր իշխաններն ու իմաստունները, Կուսակալներն ու նախարարները Եւ զօրաւոր մարդիկը պիտի գինովցնեմ Ու անոնք յաւիտենական քունով պիտի քնանան Ու պիտի չարթննան», կ’ըսէ այն Թագաւորը Որուն անունը Զօրքերու Տէր է։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Բաբելոնի լայն պարիսպները բոլորովին պիտի փլին, Անոր բարձր դռները կրակով պիտի այրին։ Ժողովուրդները պարապ տեղը Ու ազգերը կրակի համար պիտի աշխատին ու յոգնին»։ Այս խօսքն է որ Երեմիա մարգարէն պատուիրեց Մաասիայի որդիին Ներիայի որդիին Սարայիային, երբ անիկա Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին կողմէ, անոր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, Բաբելոն գնաց ու Սարայիան գլխաւոր սենեկապետն էր։ Վասն զի Երեմիա Բաբելոնի վրայ գալու ամէն չարիքները գրքի մէջ գրեց, այսինքն այս բոլոր խօսքերը, որ Բաբելոնի դէմ ըսուած են։ Երեմիա Սարայիային ըսաւ. «Երբ Բաբելոն երթաս, նայէ՛ ու կարդա՛ այս բոլոր խօսքերը Ու ըսէ՛. ‘Ո՛վ Տէր, դուն այս տեղին համար ըսիր, թէ զանիկա պիտի աւերես ու մարդէ մինչեւ անասուն անոր մէջ բնակիչ պիտի չմնայ, հապա յաւիտենական ամայութիւն պիտի ըլլայ’»։ Երբ այս գիրքը կարդաս լմնցնես, անոր վրայ քար մը կապէ ու զանիկա Եփրատի մէջ նետէ Ու ըսէ՛. «Այսպէս պիտի ընկղմի Բաբելոն ու անգամ մըն ալ պիտի չկանգնի՝ իմ անոր վրայ բերելու չարիքներուս պատճառով եւ անոնք պիտի յոգնին»։ Երեմիային խօսքերը մինչեւ հոս են։ Սեդեկիա քսանըմէկ տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըմէկ տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Անոր մօրը անունը Ամիտաղ էր ու Լեբնացի Երեմիային աղջիկն էր։ Անիկա Յովակիմին բոլոր ըրածին պէս Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ. Ուստի Տէրոջը բարկութիւնը Երուսաղէմի ու Յուդայի վրայ բորբոքեցաւ եւ զանոնք իր երեսէն ձգեց։ Անոր համար Սեդեկիան Բաբելոնի թագաւորէն ապստամբեցաւ։ Անոր թագաւորութեանը իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր բոլոր զօրքովը Երուսաղէմի վրայ եկաւ ու անոր դէմ բանակեցաւ եւ շուրջը պատնէշներ շինեցին Ու մինչեւ Սեդեկիա թագաւորին տասնըմէկերորդ տարին քաղաքը պաշարուած էր։ Չորրորդ ամսուն, ամսուան իննին, քաղաքին մէջ սաստիկ սով եղաւ ու ժողովուրդը հաց չունէր Եւ քաղաքին պարիսպը ճեղքուեցաւ ու բոլոր պատերազմողները փախան եւ գիշերով թագաւորին պարտէզին մօտակայ երկու պարսպին մէջի դրանը ճամբայով քաղաքէն ելան։ Քաղդէացիները քաղաքին շուրջը կեցեր էին։ Փախստականները դաշտի ճամբայէն գացին։ Քաղդէացիներու զօրքը թագաւորին ետեւէն ինկան ու Երիքովի դաշտերուն մէջ Սեդեկիային հասան։ Անոր բոլոր զօրքը իր քովէն ցրուեցան։ Թագաւորը բռնեցին ու զանիկա Բաբելոնի թագաւորին Ռեբղա տարին Եմաթի երկրին մէջ եւ անոր դատաստանը տեսաւ։ Բաբելոնի թագաւորը Սեդեկիային տղաքները անոր աչքերուն առջեւ մորթեց եւ Յուդայի բոլոր իշխաններն ալ Ռեբղայի մէջ մորթեց Եւ Սեդեկիային աչքերը կուրցուց ու զանիկա շղթաներով կապեց։ Բաբելոնի թագաւորը զանիկա Բաբելոն տարաւ ու մինչեւ իր մահուան օրը բանտի մէջ պահեց։ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին տասնըիններորդ տարուան հինգերորդ ամիսը, ամսուան տասին Բաբելոնի թագաւորին առջեւ կայնող Նաբուզարդան դահճապետը Երուսաղէմ մտաւ Ու Տէրոջը տունը եւ թագաւորին տունը այրեց ու Երուսաղէմի բոլոր տուները ու բոլոր մեծ տուները կրակով այրեց։ Դահճապետին հետ եղող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքերը Երուսաղէմի շրջակայ բոլոր պարիսպները փլցուցին։ Ժողովուրդին աղքատներէն մաս մը, քաղաքին մէջ մնացած ժողովուրդին մնացորդը ու Բաբելոնի թագաւորին բռնած փախստականները ու մնացած բազմութիւնը Նաբուզարդան դահճապետը գերի տարաւ։ Բայց Նաբուզարդան դահճապետը երկրին աղքատներէն մաս մը թողուց իբր այգեգործներ ու երկրագործներ։ Քաղդէացիները Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ սիւներն ու մեքենովթները ու Տէրոջը տանը մէջ եղող պղնձէ ծովը կտոր կտոր ըրին ու անոնց բոլոր պղինձը Բաբելոն տարին։ Եւ թաղարներն ու թիակները եւ բազմակալներն ու կոնքերը եւ խնկամաններն ու պաշտօնի համար գործածուած բոլոր պղնձէ անօթները առին։ Գաւաթներն ու բուրվառները եւ կոնքերն ու թաղարները եւ աշտանակներն ու խնկամանները եւ բաժակները առաւ դահճապետը՝ ինչ որ ոսկիէ էր՝ իբրեւ ոսկի ու ինչ որ արծաթէ էր՝ իբրեւ արծաթ։ Նաեւ Սողոմոն թագաւորին՝ Տէրոջը տանը համար շինած երկու սիւները, մէկ ծովն ու մեքենովթներուն տակ եղած տասներկու պղնձէ եզները՝ ՝, բոլոր այս գործիքներուն պղինձին կշիռքը անհաշիւ էր։ Սիւներէն մէկուն բարձրութիւնը տասնըութը կանգուն էր ու անոր շրջապատը տասներկու կանգուն էր։ Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր ու մէջը պարապ էր։ Անոր վրայ պղնձէ խոյակ մը կար։ Մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր եւ խոյակին շուրջը ցանցակերպ զարդ ու նուռեր կային։ Բոլորն ալ պղնձէ էին։ Միւս սիւնն ալ նուռերով այնպէս էր։ Նուռերը ամէն կողմէն իննիսունըվեց հատ էին ու ցանցակերպ զարդին շուրջի բոլոր նուռերը հարիւր հատ էին։ Դահճապետը առաջին քահանան Սարայիան ու երկրորդ քահանան Սոփոնիան ու դրան երեք պահապանները առաւ Եւ քաղաքէն ներքինի մը առաւ, որ պատերազմող մարդոց զօրագլուխն էր ու քաղաքին մէջ գտնուած՝ թագաւորին առջեւ կեցողներէն՝ ՝ եօթը մարդ ու երկրին ժողովուրդը զինուորագրող մեծ գրագիրը եւ քաղաքին մէջ գտնուած երկրին ժողովուրդէն վաթսուն մարդ առաւ ։ Նաբուզարդան դահճապետը զանոնք առաւ ու Բաբելոնի թագաւորին՝ Ռեբղա տարաւ։ Բաբելոնի թագաւորը զանոնք զարկաւ մեռցուց Եմաթի երկրին Ռեբղայի մէջ։ Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ։ Նաբուգոդոնոսորի գերի քշած ժողովուրդը ասիկա է։ Եօթներորդ տարին երեք հազար քսանըերեք Հրեայ. Նաբուգոդոնոսորի տասնըութերորդ տարին՝ Երուսաղէմէն ութ հարիւր երեսունըերկու հոգի. Նաբուգոդոնոսորի քսանըերեքերորդ տարին Նաբուզարդան դահճապետը Հրեաներէն եօթը հարիւր քառասունըհինգ հոգի գերի քշեց. ամէնքը չորս հազար վեց հարիւր հոգի եղան։ Յուդայի Յովաքին թագաւորին գերութեանը երեսունըեօթներորդ տարուան տասներկրորդ ամսուան քսանըհինգերորդ օրը, Բաբելոնի Եղմարովդաք թագաւորը իր թագաւոր եղած տարին, Յուդայի Յովաքին թագաւորին գլուխը բարձրացուց ու զանիկա բանտէն հանեց։ Անոր հետ քաղցրութեամբ խօսեցաւ ու անոր աթոռը Բաբելոնի մէջ իրեն հետ եղող թագաւորներուն աթոռէն վեր դրաւ. Անոր բանտի լաթերը փոխեց ու անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ միշտ անոր հետ հաց կ’ուտէր։ Անոր ռոճիկը մշտատեւ ռոճիկ ըլլալով, անոր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ մինչեւ անոր մահուան օրը Բաբելոնի թագաւորին կողմէ ամէն օր անոր կը տրուէր։ Ինչպէ՜ս առանձին կը նստի բազմամարդ քաղաքը. Ազգերուն մէջ մեծ եղողը՝ որբեւարիի պէս եղաւ, Գաւառներուն մէջ իշխանուհի եղողը՝ հարկատու եղաւ։ Գիշերը անդադար կու լայ ու իր արցունքները իր այտերուն վրայ են. Անոր բոլոր սիրելիներէն զինք մխիթարող չկայ. Անոր բոլոր բարեկամները անոր նենգութիւն ըրին, անոր թշնամի եղան։ Յուդան տառապանքի եւ խիստ ծառայութեան համար գերի քշուեցաւ. Հեթանոսներուն մէջ կը բնակի, հանգստութիւն չի գտներ։ Անոր բոլոր հալածիչները անոր նեղութիւններուն մէջ անոր վրայ հասան։ Սիօնի ճամբաները կը սգան՝ հանդիսաւոր տօներուն եկող չըլլալուն համար. Անոր բոլոր դռները ամայացած են, անոր քահանաները կը հեծեն. Անոր կոյսերը կը տրտմին ու ինք դառնութեան մէջ է։ Անոր ոսոխները իշխան եղան, անոր թշնամիները յաջողութիւն գտան, Վասն զի Տէրը զանիկա տրտմութեան մատնեց իր յանցանքներուն համար. Անոր պզտիկ տղաքը թշնամիէն տարուեցան։ Եւ Սիօնի աղջիկէն իր բոլոր վայելչութիւնը գնաց։ Անոր իշխանները ճարակ չգտնող եղջերուներու պէս եղան, Որոնք հալածողին առջեւէն առանց ուժի կ’երթան։ Երուսաղէմ իր տառապանքի ու թշուառութեան օրերը՝ Իր առաջուան ունեցած բոլոր ցանկալի բաները յիշեց, Երբ իր ժողովուրդը թշնամիին ձեռքը ինկաւ ու իրեն օգնող չեղաւ։ Թշնամիները զանիկա տեսան ու անոր կործանումին վրայ խնդացին։ Երուսաղէմ ծանր մեղք գործեց, անոր համար պիղծ սեպուեցաւ՝ ՝. Զանիկա պատուողները զանիկա անարգեցին, վասն զի անոր մերկութիւնը տեսան։ Անիկա ալ հառաչեց ու ետ դարձաւ։ Անոր պղծութիւնը իր քղանցքներուն վրայ է, անիկա իր վախճանը չյիշեց Ու զարմանալի կերպով մը նուաստացաւ։ Անիկա մխիթարիչ չունի։ «Ո՛վ Տէր, իմ տառապանքիս նայէ, վասն զի թշնամին հպարտացաւ»։ Թշնամին ձեռքը երկնցուց անոր բոլոր ցանկալի բաներուն. Քանզի տեսաւ որ հեթանոսները իր սրբարանին մէջ մտան, Որոնց համար դուն պատուիրեր էիր, որ անոնք քու ժողովարանդ չմտնեն։ Անոր բոլոր ժողովուրդը հաց փնտռելէն հառաչեց։ Իրենց հոգին ուժովցնելու համար՝ իրենց ցանկալի բաները կերակուրի փոխարէն տուին։ «Տե՛ս, ո՛վ Տէր ու նայէ՛, վասն զի անարգուեցայ»։ «Արդեօք հոգ չէ՞ք ըներ, ո՛վ բոլոր ճամբայէ անցնողներ. Նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք, թէ արդեօք այն ցաւին պէս ցաւ կա՞յ, որ իմ վրաս եկաւ, Վասն զի Տէրը զիս նեղեց իր սաստիկ բարկութեան օրը։ Բարձրէն իմ ոսկորներուս կրակ ղրկեց, որ անոնց տիրեց. Ոտքերուս առջեւ ցանց տարածեց եւ զիս ետ դարձուց. Զիս ամայացուց ու բոլոր օրը զիս մարած թողուց ։ Իմ յանցանքներուս լուծը անոր ձեռքով կապուեցաւ. Անոնք միացան ու իմ պարանոցիս վրայ ելան. իմ ոյժս կտրեցին։ Տէրը զիս այնպիսի ձեռքերու մատնեց, որոնցմէ չեմ կրնար ազատիլ։ Տէրը իմ բոլոր զօրաւորներս անարգեց. Իմ երիտասարդներս կոտորելու համար իմ վրաս ժողով գումարեց։ Տէրը Յուդայի կոյս աղջիկը հնձանի մէջ կոխեց։ Անոր համար կու լամ, աչքերս, աչքերս արցունք կ’իջեցնեն. Վասն զի մխիթարիչը, որ իմ հոգիս պիտի նորոգէր՝ ինծմէ հեռացաւ։ Իմ տղաքս նուաղեցան, վասն զի թշնամին զօրացաւ։ Սիօն իր ձեռքերը տարածեց, զայն մխիթարող չկայ։ Տէրը հրամայեց, որ Յակոբին թշնամիները զինք շրջապատեն։ Երուսաղէմ անոնց մէջ դաշտանաւոր կնոջ պէս եղաւ։ Տէրը արդար է, վասն զի անոր հրամանին դէմ ապստամբեցայ։ Հիմա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, մտիկ ըրէ՛ք ու իմ ցաւս տեսէ՛ք. Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս գերութեան գացին, Իմ սիրականներս կանչեցի, անոնք զիս խաբեցին, Իմ քահանաներս ու ծերերս քաղաքին մէջ հոգինին աւանդեցին, Երբ իրենց համար կերակուր կը փնտռէին՝ իրենց հոգին ուժովցնելու համար։ Ո՛վ Տէր, նայէ՛, վասն զի նեղուեցայ, աղիքներս խռովեցան. Սիրտս ներսիդիս տակնուվրայ եղաւ, վասն զի ապստամբեցայ. Դուրսէն սուրը զիս զրկեց ու ներսը մահ կայ։ Իմ հառաչանքս լսեցին, բայց մխիթարող չկայ. Իմ բոլոր թշնամիներս իմ թշուառութիւնս լսելով ուրախացան, վասն զի դուն ըրիր ասիկա ։ Որոշած օրդ պիտի բերես ու անոնք ինծի պէս պիտի ըլլան։ Անոնց բոլոր չարութիւնը թող քու առջեւդ հասնի Եւ անոնց այնպէ՛ս ըրէ, ինչպէս ինծի ըրիր իմ բոլոր յանցանքներուս համար. Վասն զի իմ հեծութիւններս շատ են ու իմ սիրտս նուաղած է»։ Տէրը՝ բարկանալով՝ խաւարով ծածկեց Սիօնի աղջիկը, Իսրայէլին փառքը երկնքէն վար նետեց Ու իր բարկութեան օրը իր ոտքերուն պատուանդանը չյիշեց։ Տէրը առանց խնայելու Յակոբին բոլոր բնակարանները կործանեց, Յուդայի աղջկան ամրոցները իր բարկութիւնովը փլցուց ու հիմնայատակ ըրաւ, Թագաւորութիւնն ու անոր իշխանները անպատուեց։ Սաստիկ բարկութեամբ Իսրայէլի բոլոր զօրութիւնը փշրեց, Անոր աջ ձեռքը թշնամիին երեսէն ետ քաշեց Եւ Յակոբի մէջ կրակի բոցի պէս բռնկեցաւ ու անոր բոլորտիքը կերաւ։ Իր աղեղը թշնամիի պէս լարեց, իր աջ ձեռքովը հակառակորդի պէս կեցաւ։ Բոլոր աչքի հաճոյ եղողները մեռցուց։ Իր բարկութիւնը կրակի պէս թափեց Սիօնի աղջկան խորանին մէջ։ Տէրը թշնամիի պէս եղաւ, Իսրայէլը, Անոր բոլոր պալատները եւ անոր ամրոցները կործանեց, Յուդայի աղջկան մէջ ողբն ու կոծը շատցուց։ Անոր հիւղը պարտէզի հիւղի պէս՝ ՝ բռնութեամբ կործանեց, անոր ժողովատեղին աւերեց։ Տէրը Սիօնի մէջ հանդիսաւոր տօնը ու շաբաթը մոռցուց, Իր սաստիկ բարկութիւնովը թագաւորն ու քահանան անարգեց։ Տէրը իր սեղանը մերժեց ու իր սրբարանէն զզուեցաւ։ Անոր պալատներուն պարիսպները թշնամիին ձեռքը մատնեց. Անոնք Տէրոջը տանը մէջ հանդիսաւոր տօնի օրուան պէս ձայն տուին։ Տէրը խորհեցաւ Սիօնի աղջկան պարիսպը քակել. Լար քաշեց, իր ձեռքը կործանելէն ետ չդարձուց. Պատնէշին ու պարսպին սուգ բռնել տուաւ, անոնք մէկտեղ տրտմեցան։ Անոր դռները գետինը անցան, անոր նիգերը աւերեց ու կոտրեց. Անոր թագաւորն ու իշխանները ազգերուն մէջ են. օրէնք չկայ. Անոր մարգարէներն ալ Տէրոջմէ տեսիլք չեն ընդունիր։ Սիօնին ծերերը գետնի վրայ նստած՝ լուռ կը կենան, Իրենց գլխուն վրայ հող դրին, քուրձեր հագան, Երուսաղէմի կոյսերը գլուխնին գետինը իջեցուցին։ Իմ ժողովուրդիս աղջկան բեկմանը համար աչքերս արցունք թափելէն աւրուեցան, Աղիքներս խռովեցան, լեարդս գետինը թափուեցաւ, Վասն զի տղաքներն ու կաթնկերները քաղաքին հրապարակներուն մէջ կը նուաղին։ Անոնք իրենց մայրերուն կ’ըսեն. «Ո՞ւր են ցորենն ու գինին»։ Երբ վիրաւորուածներու պէս կը նուաղին քաղաքին հրապարակներուն մէջ, Երբ իրենց հոգին կ’աւանդեն իրենց մայրերուն գրկերուն մէջ։ Քեզի ի՞նչ վկայութիւն բերեմ. քեզ ի՞նչ բանի հետ բաղդատեմ, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. Քեզ մխիթարելու համար քեզի ի՞նչ նմանութիւն բերեմ, ո՛վ Սիօնի կոյս աղջիկ. Քանզի քու աւերակդ ծովու չափ ընդարձակ է. ո՞վ կրնայ քեզ վերաշինել։ Քու մարգարէներդ քեզի համար սնոտի ու յիմարական տեսիլքներ տեսան, Քու անօրէնութիւնդ քեզի չյայտնեցին, որ քեզ գերութենէ դարձնեն, Հապա քեզի համար սնոտի տեսիլքներ ու մոլորութիւններ տեսան։ Բոլոր ճամբայէն անցնողները քեզի համար ծափ զարկին Եւ սուլելով գլուխնին շարժեցին Երուսաղէմի աղջկան համար Ու ըսին. «Ա՞յս է այն քաղաքը, որ գեղեցկութեան կատարելութիւնը ու բոլոր երկրին ուրախութիւնը կը կոչուէր»։ Քու բոլոր թշնամիներդ իրենց բերանը քու վրադ բացին Եւ սուլելով ակռայ կրճտեցին ու ըսին. « Զանիկա կործանեցինք»։ Ահա այս է մեր սպասած օրը, գտանք, տեսանք զանիկա ։ Տէրը իր խորհածը կատարեց, առաջին օրերէն պատուիրած խօսքը գործադրեց, Փլցուց ու չխնայեց եւ թշնամին քու վրադ ուրախացուց, Քու թշնամիներուդ եղջիւրը բարձրացուց։ Անոնց սիրտը Տէրոջը աղաղակեց. Ո՛վ Սիօնի աղջկան պարիսպ, ցորեկ ու գիշեր հեղեղի պէս արցունք հոսեցուր։ Քեզի հանգիստ մի՛ տար, աչքիդ բիբը թող չդադարի։ Ելի՛ր, գիշերով աղաղակէ գիշերուան պահերուն սկիզբը. Քու սիրտդ ջուրի պէս թափէ Տէրոջը առջեւ. Ձեռքերդ անոր վերցուր ու տղոցդ հոգիներուն համար, Որոնք փողոցներուն գլուխը անօթութենէ կը մարին։ Տե՛ս, ո՛վ Տէր ու նայէ՛, որո՞ւ այսպէս ըրիր. Միթէ կիները իրենց պտուղը՝ իրենց գրկած տղաքները՝ պիտի ուտե՞ն. Քահանան ու մարգարէն Տէրոջը սրբարանին մէջ պիտի սպաննուի՞ն։ Տղան ու ծերը փողոցներու մէջ գետնի վրայ պառկեցան, Իմ կոյսերս ու երիտասարդներս սուրէն ինկան. Քու բարկութեանդ օրը զանոնք մեռցուցիր, մորթեցիր ու չխնայեցիր։ Ամէն կողմէ իմ վախերս հանդիսաւոր տօնի օրուան պէս կանչեցիր Ու Տէրոջը բարկութեան օրը մնացորդ կամ ազատուած չմնաց. Իմ թշնամիս իմ գրկածներս ու մեծցուցածներս հատցուց։ Ես այն մարդն եմ, որ տառապանք տեսայ անոր բարկութեան գաւազանովը. Զիս տարաւ խաւարի մէջ պտըտցուց եւ ո՛չ թէ լոյսի մէջ։ Այո՛, ինծի դէմ դարձաւ, ամէն օր իր ձեռքը իմ վրաս դարձուց։ Իմ մարմինս ու մորթս մաշեցուց, ոսկորներս կոտրտեց։ Ինծի դէմ պատնէշներ շինեց եւ զիս դառնութեամբ ու նեղութեամբ շրջապատեց։ Զիս մութ տեղեր նստեցուց շատոնց մեռածներու պէս։ Իմ բոլորտիքս ցանկ քաշեց ուստի չեմ կրնար դուրս ելլել։ Իմ շղթաներս ծանրացուց։ Մինչեւ անգամ աղաղակած ու իմ կանչած ատենս՝ անիկա իմ աղօթքս մերժեց։ Իմ ճամբաներս տաշուած քարերով շրջապատեց, իմ շաւիղներս ծռեց։ Անիկա ինծի դարանակալ արջի պէս ու ծածուկ տեղեր պահուըտած առիւծի պէս եղաւ ։ Իմ ճամբաներս խոտորցուց եւ զիս պատառեց, զիս ամայացուց։ Իր աղեղը լարեց ու զիս նետի նշանակէտի պէս կայնեցուց։ Իր նետերը երիկամունքներուս մէջ խոթեց։ Իմ բոլոր ժողովուրդիս ծաղրանքի առարկայ եղայ ու բոլոր օրը անոնց երգին՝ նիւթը։ Զիս դառնութիւններով կշտացուց եւ օշինդրով գինովցուց։ Նաեւ ակռաներս խիճերով կոտրտեց, զիս մոխիրով ծածկեց։ Այսպէս իմ հոգիս խաղաղութենէ հեռացաւ, բարիքը մոռցայ. Ու ըսի. ‘Կորսուեցաւ իմ զօրութիւնս եւ իմ ակնկալութիւնս Տէրոջմէ’։ Յիշէ՛ իմ տառապանքս ու թշուառութիւնս, օշինդրն ու դառնութիւնը։ Իմ հոգիս միշտ կը յիշէ զանոնք ու իմ ներսիդիս կը նուաստանայ։ Ասիկա միտքս կը բերեմ, անոր համար յոյս կ’ունենամ։ Տէրոջը ողորմութեամբ չհատանք, վասն զի անոր գթութիւնը չպակսեցաւ. Անոնք ամէն առտու կը նորոգուին, քու ճշմարտութիւնդ մեծ է։ Իմ հոգիս ըսաւ. ‘Տէրը իմ բաժինս է, այս պատճառով անոր պիտի յուսամ’, Տէրը բարի է իրեն ապաւինողներուն ու զինք փնտռող հոգիին։ Տէրոջը փրկութեան սպասելն ու լռութեամբ յուսալը աղէկ է։ Աղէկ է որ մարդ իր երիտասարդութեան ատեն լուծը կրէ։ Առանձին կը նստի ու լուռ կը կենայ, քանզի լուծը անոր վրայ դրուեցաւ։ Իր բերանը հողին կու տայ, ըսելով թէ ‘Թերեւս յոյս կայ’. Իր ծնօտը զանիկա զարնողին կու տայ ու նախատինքով կը կշտանայ։ Բայց Տէրը յաւիտեան չի մերժեր։ Թէեւ ցաւ կու տայ, իր ողորմութեան շատութիւնովը գթութի՛ւն ալ կ’ընէ։ Քանզի իր կամքովը նեղութիւն չի տար ու մարդու որդիները չի տրտմեցներ։ Երկրի բոլոր բանտարկեալները ոտքի տակ ճզմելը, Բարձրեալին առջեւ մարդու մը իրաւունքը ծռելը, Մարդու մը իր դատին մէջ անիրաւութիւն ընելը Տէրոջը հաճելի չեն։ Ո՞վ է անիկա, որ խօսի ու անոր խօսքը կատարուի, եթէ Տէրը հրամայած չէ։ Միթէ բարիքն ու չարիքը Բարձրեալին բերնէն չե՞ն ելլեր։ Ապրող մարդը ինչո՞ւ տրտունջ ընէ, իր մեղքերուն պատիժին համար։ Մեր ճամբաները քննենք ու փորձենք եւ Տէրոջը դառնանք։ Մեր սրտերը մեր ձեռքերուն հետ երկինք՝ Աստուծոյ վերցնենք։ Մենք յանցանք ըրինք ու ապստամբեցանք եւ դուն թողութիւն չտուիր։ Բարկութեամբ ծածկեցիր քու երեսդ ու մեզ հալածեցիր, մեռցուցիր ու չխնայեցիր։ Քեզ ամպով ծածկեցիր, որպէս զի մեր աղօթքը չանցնի։ Մեզ ժողովուրդներուն մէջտեղը խոտան ու անարգ ըրիր։ Մեր բոլոր թշնամիները մեզի դէմ բերաննին բացեր են։ Մեր վրայ վախ ու գուբ, աւերում ու կոտորած եկաւ։ Իմ ժողովուրդիս աղջկան աւերման համար աչքէս ջուրի հեղեղներ կ’իջնեն։ Իմ աչքս անդադար արցունք կը թափէ ու բնաւ հանգստութիւն պիտի չունենայ, Մինչեւ որ Տէրը երկնքէն նայի ու տեսնէ։ Իմ քաղաքիս բոլոր աղջիկներուն համար աչքս հոգիիս նեղութիւն կու տայ։ Իմ թշնամիներս զուր տեղ անդադար զիս ճնճղուկի պէս կ’որսան։ Իմ կեանքս գուբի մէջ ձգեցին, վրաս քար նետեցին։ Ջուրերը գլուխէս վեր բարձրացան. ըսի թէ ‘Ես կտրտուեցայ’. Խորունկ գուբէն քու անունդ կանչեցի, ո՛վ Տէր։ Իմ ձայնս լսեցիր։ Իմ հառաչանքիս ու աղաղակիս քու ականջդ մի՛ գոցեր։ Քեզի կանչած օրս մօտեցար ու ըսիր. «Մի՛ վախնար»։ Իմ հոգիիս դատը վարեցիր, ո՛վ Տէր, իմ կեանքս ազատեցիր։ Ո՛վ Տէր, ինծի եղած զրկանքը տեսար, իմ իրաւունքս պաշտպանէ։ Անոնց վրէժխնդրութիւնը, անոնց ինծի դէմ ունեցած բոլոր դիտաւորութիւնները տեսար։ Անոնց նախատինքը լսեցիր, ո՛վ Տէր, անոնց ինծի դէմ ունեցած բոլոր դիտաւորութիւնները, Իմ վրաս ելլողներուն շրթունքները ու ամէն օր ինծի դէմ անոնց խորհած հնարքները։ Անոնց նստելուն ու ելլելուն նայէ՛. ես անոնց երգին նիւթն եմ։ Ո՛վ Տէր, անոնց հատուցում պիտի ընես՝ իրենց ձեռքերուն գործերուն համեմատ։ Անոնց սրտի թմրութիւն պիտի տաս, քու անէծքդ պիտի տաս անոնց։ Բարկութեամբ պիտի հալածես զանոնք ու Տէրոջը երկնքի տակէն բնաջինջ պիտի ընես։ Ոսկին ինչպէ՜ս իր գոյնը կորսնցուց ու մաքուր ոսկին փոխուեցաւ։ Սրբարանին քարերը բոլոր փողոցներուն գլուխը թափուեցան։ Սիօնին պատուական տղաքները, որոնք ընտիր ոսկիի հաւասար էին, Բրուտի ձեռքով շինուած խեցեղէն ամաններու պէս սեպուեցան։ Վիշապներն անգամ ծիծերնին կը հանեն ու իրենց լակոտներուն կաթ կու տան. Իմ ժողովուրդիս աղջիկը անապատի ջայլամներուն պէս անգութ եղաւ։ Կաթնկերին լեզուն ծարաւէն իր քիմքին փակաւ. Տղաքները հաց ուզեցին, բայց անոնց տուող չկար։ Ազնիւ կերակուրներ ուտողները փողոցներուն մէջ յուսակտուր մնացին. Կարմիր հագուստ ներով մեծցողները աղբանոցներ գրկեցին։ Իմ ժողովուրդիս աղջկան անօրէնեւթիւնը Սոդոմի մեղքէն մեծ եղաւ, Որ մէկ վայրկեանի մէջ տակնուվրայ եղաւ՝ դեռ ոեւէ մէկուն ձեռքը չդպած։ Անոր ազնուականները ձիւնէն մաքուր, կաթէն ճերմակ էին. Անոնց մարմինը յակինթներէն կարմիր էր, անոնց կերպարանքը շափիւղայի կը նմանէր ։ Անոնց դէմքը ածուխէն աւելի սեւ եղաւ, այնպէս որ փողոցներու մէջ չէր ճանչցուէր։ Անոնց մորթը իրենց ոսկորներուն փակաւ, չորցաւ ու փայտի պէս եղաւ։ Սուրէ մեռածները անօթութենէ մեռածներէն երջանիկ էին, Վասն զի վերջինները ագարակի արդիւնքներուն պակասութենէն մաշեցան ու մեռան։ Գթասիրտ կիներուն ձեռքերը իրենց տղաքը եփեցին, Իմ ժողովուրդիս աղջկան կոտորածին ատենը իրենց կերակուր եղան։ Տէրը իր սրտմտութիւնը կատարեց, իր սաստիկ բարկութիւնը թափեց. Սիօնի մէջ կրակ բռնկցուց, որ անոր հիմերը սպառեց։ Երկրի թագաւորներն ու աշխարհի բոլոր բնակիչները չհաւատացին Թէ հակառակորդը ու թշնամին Երուսաղէմի դռներէն պիտի մտնեն։ Անոր մարգարէներուն մեղքերէն, Անոր քահանաներուն անօրէնութիւններէն, Որոնք անոր մէջտեղը արդարներուն արիւնը թափեցին Փողոցներուն մէջ կոյրերու պէս աստանդական պտըտեցան, արիւնով ապականեցան, Այնպէս որ մարդ կարող չէր անոնց զգեստներուն դպչիլ։ Անոնց կը կանչէին. «Ե՛տ քաշուեցէք, ո՛վ անմաքուրներ, ե՛տ քաշուեցէք, ե՛տ քաշուեցէք, մի՛ դպչիք». Անոնք փախան ու ասդին անդին պտըտեցան. ազգերու մէջ ըսուեցաւ. «Անոնք անգամ մըն ալ հոս պիտի չբնակին»։ Տէրոջը բարկութիւնը ցրուեց զանոնք, անգամ մըն ալ անոնց չի նայիր. Քահանաներուն պատիւ չըրին, ծերերուն չգթացին։ Մեզի գալիք օգնութեանը համար պարապ տեղ մինչեւ հիմա աչքերնիս մաշեցան. Դիտելով սպասեցինք այնպիսի ազգի մը, որ չէր կրնար մեզ ազատել։ Մեր քայլերը կ’որսան, որպէս զի մեր փողոցներուն մէջ չպտըտինք. Մեր վախճանը մօտեցաւ, մեր օրերը լեցուեցան, յիրաւի մեր վախճանը հասաւ։ Մեզ հալածողները երկնքի արծիւներէն արագընթաց եղան. Մեզ լեռներու վրայ հալածեցին, անապատի մէջ մեզի համար դարանամուտ եղան։ Մեր ռնգունքներուն շունչը, Տէրոջը օծեալը, անոնց որոգայթներուն մէջ բռնուեցաւ, Որու համար մենք կ’ըսէինք. ‘Ազգերուն մէջ անոր հովանիին տակ պիտի ապրինք’։ Ցնծա՛ եւ ուրախ եղի՛ր, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, որ Հուս երկրին մէջ կը բնակիս. Քեզի ալ պիտի անցնի բաժակը. պիտի գինովնաս ու ինքզինքդ պիտի մերկացնես։ Քու անօրէնութիւնդ վերջացաւ, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ա՛լ քեզ գերի պիտի չքշեն։ Քու անօրէնութիւնդ պիտի պատժէ, ո՛վ Եդովմի աղջիկ, քու մեղքերդ պիտի յայտնէ։ Մեզի եղածը յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Նայէ՛ ու մեր նախատինքը տե՛ս։ Մեր ժառանգութիւնը օտարներուն անցաւ, Մեր տուները՝ օտարազգիներուն։ Հայր չունեցող որբեր եղանք, Մեր մայրերը որբեւարիներու պէս են։ Մեր ջուրը ստակով խմեցինք, Մեր փայտը ծախու կ’առնենք։ Լուծը մեր պարանոցին վրայ ըլլալով կը հալածուինք, Կ’աշխատինք ու հանգստութիւն չունինք։ Հացով կշտանալու համար Դէպի Եգիպտոս ու Ասորեստան ձեռք երկնցուցինք։ Մեր հայրերը մեղք գործեցին եւ չկան Ու անոնց անօրէնութիւններուն պատիժը մենք կը կրենք։ Ծառաներ տիրեցին մեր վրայ, Անոնց ձեռքէն մեզ ազատող չկայ։ Անապատի սուրին երեսէն Մեր հացը՝ մեր կեանքը վտանգելով ձեռք բերինք. Սովին սաստկութեանը պատճառով Մեր մորթը փուռի պէս տաքցաւ։ Կիները Սիօնի մէջ խայտառակուեցան Ու կոյսերը՝ Յուդայի քաղաքներուն մէջ։ Իշխանները անոնց ձեռքով՝ ՝ կախուեցան. Ծերերուն պատիւ չըրին։ Երիտասարդները երկանաքարեր վերցուցին Ու տղաքը փայտի տակ ինկան։ Ծերերը դադարեցան դուռը նստելէն Ու երիտասարդները՝ իրենց երաժշտութենէն։ Մեր սրտին ուրախութիւնը դադարեցաւ, Մեր կաքաւելը սուգի փոխուեցաւ։ Մեր գլխուն թագը ինկաւ. Հիմա վա՜յ մեզի, վասն զի մեղք գործեցինք։ Ասոր համար մեր սիրտը նուաղած է, Ասոնց պատճառով աչքերնիս խաւարեցան։ Սիօն՝ լերանը պատճառով, որ ամայի եղաւ։ Անոր վրայ աղուէսներ կը պտըտին։ Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, յաւիտեան կը մնաս. Քու աթոռդ դարէ դար պիտի տեւէ ։ Ինչո՞ւ համար յաւիտեան մեզ կը մոռնաս Ու երկար ժամանակ մեզ կը թողուս։ Քեզի դարձո՛ւր մեզ, ո՛վ Տէր ու դառնանք. Մեր օրերը առաջուան պէս նորոգէ՛։ Սակայն դու բոլորովին մեզ մերժեցիր, Մեր վրայ խիստ շատ բարկացար։ Երեսուներորդ տարուան չորրորդ ամսուան հինգին, երբ ես գերիներուն հետ Քոբար գետին քովն էի, երկինքը բացուեցաւ ու Աստուծոյ տեսիլքները տեսայ։ Ամսուան հինգերորդ օրը (Յովաքին թագաւորին գերութեանը հինգերորդ տարին), Քաղդէացիներու երկրին մէջ, Քոբար գետին քով, Բուզիի որդիին Եզեկիէլ քահանային յայտնապէս Տէրոջը խօսքը եղաւ եւ հոն, անոր վրայ Տէրոջը ձեռքը եղաւ։ Տեսայ թէ հիւսիսային կողմէն մրրկալից հով, մեծ ամպ ու բռնկած կրակ կու գար, որուն բոլորտիքը պայծառութիւն կար ու կրակին մէջէն, ոսկեպղնձի նմանութիւն մը կ’երեւնար ։ Անոր մէջ չորս կենդանիի կերպարանք կար։ Անոնց երեւոյթը այսպէս էր։ Անոնք մարդու կերպարանք ունէին։ Ամէն մէկը չորս երես եւ չորս թեւ ունէր։ Անոնց ոտքերը շիտակ ոտքեր էին։ Անոնց ոտքերուն թաթը զուարակի ոտքին թաթին պէս էր ու փայլուն պղնձի պէս կը փայլէին։ Անոնց չորս կողմերը անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքեր կային։ Չորսն ալ երեսներ ու թեւեր ունէին։ Անոնց թեւերը իրարու կցուած էին։ Անոնք երթալու ատեննին չէին դառնար։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։ Անոնց երեսներուն ձեւը այսպէս էր ։ Չորսն ալ մարդու երես ունէին։ Աջ կողմէն առիւծի երես, չորսն ալ ձախ կողմէն եզի երես, չորսն ալ արծիւի երես ունէին։ Անոնց երեսները այսպէս է ին։ Անոնց թեւերը վերէն կը տարածուէին։ Երկուքը իրարու կցուած էին ու երկուքը անոնց մարմինը կը ծածկէին։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։ Ոգին ուր որ երթալու ըլլար՝ անոնք հոն կ’երթային։ Գացած ատեննին չէին դառնար։ Եւ կենդանիներուն կերպարանքը, անոնց երեւոյթը, կրակի վառած կայծերու պէս՝ ջահերուն երեւոյթին պէս էր, որ կենդանիներուն մէջտեղը կը պտըտէր։ Այն կրակը լուսափայլ էր ու կրակէն փայլակներ կ’ելլէին։ Կենդանիները փայլակի երեւոյթով կը վազէին ու կը դառնային։ Կենդանիներուն նայեցայ եւ ահա գետնին վրայ, կենդանիներուն՝ ամէն մէկուն քով՝ չորս երեսով անիւ մը կար։ Աիւներուն երեւոյթը ու անոնց շինուածքը ոսկեքարի կը նմանէին։ Չորսին ձեւը նոյնն էր։ Անոնց երեւոյթը ու շինուածքը այնպէս էր, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ եղած ըլլար։ Գացած ատեննին իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային, աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար։ Անոնց շրջանակները բարձր ու ահեղ էին։ Չորսին ալ շրջանակները ամէն կողմէն աչքերով լեցուն էին։ Երբ կենդանիները երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային։ Երբ կենդանիները երկրի երեսէն վերնային, անիւներն ալ կը վերնային։ Ոգին ուր որ երթալու ըլլար, անոնք հոն, ոգիին գացած տեղը կ’երթային։ Անիւներն ալ անոնց հետ մէկտեղ կը վերնային. քանզի անիւներուն մէջ կենդանիներուն ոգին կար։ Երբ անոնք երթային, ասոնք ալ կ’երթային ու երբ անոնք կենային, ասոնք ալ կը կենային ու երբ անոնք երկրի երեսէն վերնային, անոնք ալ անոնց հետ կը վերնային. քանզի անիւներուն մէջ կենդանիներուն ոգին կար։ Կենդանիներուն գլխուն վրայ՝ երկնքի հաստատութեանը նմանութիւնը վերէն անոնց գլուխներուն վրայ տարածուած էր լուսափայլ ակնվանիի նման։ Եւ այն հաստատութեանը տակ՝ անոնց թեւերը իրարու կողմ կը շտկուէին։ Ամէն մէկը մէկ կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թեւ ունէր։ Ամէն մէկը միւս կողմէն իր մարմինը ծածկող երկու թեւ ունէր։ Ու երբ կ’երթային, անոնց թեւերուն ձայնը լսեցի՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս, Ամենակարողին ձայնին պէս, աղմուկի ձայնի ու բանակի ձայնի պէս։ Երբ կը կենային, իրենց թեւերը կ’իջեցնէին։ Երբ անոնք կը կենային ու թեւերնին կ’իջեցնէին, անոնց գլխուն վրայի հաստատութենէն ձայն մը կ’ելլէր։ Եւ անոնց գլխուն վրայի հաստատութենէն վեր, շափիւղայ քարի երեւոյթով աթոռի նմանութիւն մը կար։ Այն աթոռի նմանութեանը վրայ մարդու կերպարանքով նմանութիւն մը կար։ Անոր մէջքին երեւոյթէն վեր ոսկեպղնձի նման՝ բոլորտիքը ու ներսը կրակի նմանութեան պէս տեսայ ու մէջքին երեւոյթէն վար կրակի նմանութեան պէս տեսայ, որ պայծառութեամբ շրջապատուած էր։ Ինչպէս է անձրեւոտ օրը ամպի մէջ եղող ծիածանի երեւոյթը, այնպէս էր այն շրջապատուած պայծառութեանը երեւոյթը։ Ասիկա Տէրոջը փառքին նմանութեանը երեւոյթն էր։ Երբ տեսայ, երեսիս վրայ ինկայ ու ձայն մը լսեցի. Ան ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ոտքերուդ վրայ կայնէ՛, որ քեզի հետ խօսիմ»։ Երբ ինծի հետ կը խօսէր, Հոգին իմ վրաս եկաւ եւ զիս ոտքերուս վրայ վերցուց ու ինծի հետ խօսողին ձայնը լսեցի, Որ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ես քեզ Իսրայէլի որդիներուն, ինծի դէմ ապստամբող ազգին՝ կը ղրկեմ, որոնք՝ թէ՛ իրենք եւ թէ՛ իրենց հայրերը՝ մինչեւ այսօր ինծի դէմ յանցաւոր գտնուեցան։ Անոնք պնդերես եւ խստասիրտ որդիներ են։ Ես քեզ անոնց կը ղրկեմ, որ անոնց ըսես. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’։ Եւ անոնք թէ՛ լսեն եւ թէ՛ զանց ընեն (քանզի անոնք ապստամբներու տուն են), պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կայ։ «Բայց դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, անոնցմէ մի՛ վախնար եւ անոնց խօսքերէն ալ մի՛ վախնար. թէեւ քու քովդ կամակոր ու ծուռ մարդիկ՝ ՝ կան եւ կարիճներու քով կը բնակիս, անոնց խօսքերէն մի՛ վախնար եւ անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են։ Անոնց իմ խօսքերս ըսէ՛, լսեն կամ զանց ընեն, քանզի անոնք ապստամբ են։ «Իսկ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի ըսածս լսէ՛, այն ապստամբ տանը պէս ապստամբ մի՛ ըլլար. բերանդ բաց ու քեզի տուածս կեր»։ Նայեցայ եւ ահա տեսայ ինծի երկնցած ձեռք մը, որուն մէջ տոմս մը կար։ Զանիկա իմ առջեւս բացաւ։ Անոր առջեւն ու ետեւը գրուած էր։ Անոր վրայ ‘Ողբեր, հառաչանք ու վա՜յ’ գրուած էին։ Ձայնը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այդ տոմսը կե՛ր ու գնա՛ Իսրայէլի տանը խօսէ՛»։ Ես իմ բերանս բացի ու այն տոմսը ինծի կերցուց Եւ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այս իմ քեզի տուած տոմսս փորդ ու աղիքներդ լեցուր»։ Ես զանիկա կերայ։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր։ Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, աղէ՜, Իսրայէլի տունը գնա՛ ու իմ խօսքերս անոնց ըսէ՛, Վասն զի դուն դժուարիմաց խօսք եւ ծանր լեզու ունեցող ազգի մը չղրկուեցար, հապա Իսրայէլի տանը։ Դժուարիմաց խօսք ու ծանր լեզու ունեցող շատ ազգերու չէ, որոնց խօսքերը դուն չես հասկնար։ Յիրաւի եթէ քեզ անոնց ղրկէի, անոնք քեզի մտիկ պիտի ընէին։ Բայց Իսրայէլի տունը քեզի մտիկ ընել պիտի չուզեն, վասն զի չեն ուզեր ինծի մտիկ ընել, որովհետեւ բոլոր Իսրայէլի տունը պնդերես ու խստասիրտ է։ Ահա անոնց երեսին դէմ քու երեսդ պինդ ու անոնց ճակատին դէմ քու ճակատդ պինդ ըրի։ Քու ճակատդ վէմէն ամուր՝ ադամանդի պէս ըրի։ Անոնցմէ մի՛ վախնար ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիր, թէեւ անոնք ապստամբներու տուն են»։ Ապա ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, իմ բոլոր խօսքերս որոնք քեզի պիտի յայտնեմ, սրտիդ մէջ ընդունէ՛ ու ականջներովդ լսէ՛ Եւ գնա՛ գերիներուն մէջ մտիր, քու ժողովուրդիդ որդիներուն մէջ ու անոնց խօսէ՛ եւ անոնց ըսէ՛. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’, մտիկ ընեն կամ զանց ընեն»։ Այն ատեն Հոգին զիս վերցուց ու ետեւէս մեծ երկրաշարժի ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Տէրոջը փառքը օրհնեալ ըլլայ’։ Կենդանիներու թեւերուն իրարու զարնուելուն ձայնն ու անոնց քովի անիւններուն ձայնը ու մեծ երկրաշարժի ձայնն էր, որ լսեցի ։ Հոգին զիս վերցուց տարաւ ու ես իմ հոգիիս տաքութենէն դառնութեամբ գացի ու Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ զօրութեամբ։ Քոբար գետին քով բնակող Թելապիպի գերիներուն հասայ ու անոնց նստած տեղը նստայ։ Հոն եօթը օր անոնց մէջ ապշած նստայ։ Եօթը օր ետքը Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի։ Երբ որ իմ բերնէս խօսք մը լսես զանոնք իմ կողմէ զգուշացուր։ Երբ ամբարիշտին ըսեմ թէ ‘Անշուշտ պիտի մեռնի՛ս ու դուն զանիկա չզգուշացնես եւ չըսես որ ամբարիշտը ապրելու համար՝ իր չար ճամբայէն զգուշանայ, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։ Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը զգուշացնես ու անիկա իր ամբարշտութենէն եւ չար ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած կ’ըլլաս։ Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ եւ չարութիւն ընէ ու ես անոր առջեւ գայթակղութիւն դնեմ, որ անիկա մեռնի, զանիկա չզգուշացնելուդ համար անիկա իր մեղքին մէջ պիտի մեռնի եւ անոր ըրած արդարութիւնը պիտի չյիշուի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։ Իսկ եթէ դուն այն արդարը զգուշացնես, որպէս զի մեղք չգործէ ու եթէ անիկա մեղք չգործէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի խրատ մտիկ ընելուն համար ու դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս’»։ Հոն Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու ինծի ըսաւ. «Ե՛լ, դա՛շտը գնա ու հոն քեզի հետ պիտի խօսիմ»։ Ես ելայ, դաշտը գացի եւ ահա հոն կայներ էր Տէրոջը փառքը՝ Քոբար գետին քով տեսնուած փառքին պէս ու ես երեսիս վրայ ինկայ։ Հոգին իմ վրաս եկաւ ու զիս ոտքի կանգնեցուց եւ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Գնա՛, տունդ պահուըտէ Ու դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեն, անոնցմով քեզ պիտի կապեն, որպէս զի չկարենաս մարդոց մէջ ելլել։ Քու լեզուդ քու քիմքիդ պիտի փակցնեմ ու համր պիտի ըլլաս եւ պիտի չկրնաս զանոնք յանդիմանել, վասն զի անոնք ապստմաբներու տուն են։ Բայց երբ ես քեզի հետ խօսիմ, քու բերանդ պիտի բանամ ու անոնց պիտի ըսես. ‘Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ’։ Լսողը թող լսէ ու զանց ընողը թող զանց ընէ. վասն զի անոնք ապստամբներու տուն են»։ «Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի աղիւս մը ա՛ռ ու զանիկա առջեւդ դի՛ր։ Անոր վրայ քաղաք մը, այսինքն Երուսաղէմը, նկարէ՛։ Անոր բոլորտիքը պաշարում դի՛ր եւ անոր դէմ մարտկոց շինէ՛ ու անոր դէմ պատնէշ կանգնեցո՛ւր եւ անոր դէմ բանակ կազմէ՛ ու անոր բոլորտիքը պատերազմական մեքենաներ՝ ՝ դի՛ր։ Եւ դուն քեզի երկաթէ տապակ մը ա՛ռ ու զանիկա քու եւ քաղաքին մէջտեղ երկաթէ պարիսպի պէս դի՛ր ու քու երեսդ անոր դէմ շտկէ, որ անիկա պաշարուի ու զանիկա պաշարէ։ Ասիկա Իսրայէլի տանը համար նշան ըլլայ»։ «Ապա դուն քու ձախ կողմիդ վրայ պառկէ՛ ու անոր վրայ դի՛ր Իսրայէլի տանը անօրէնութիւնը։ Անոր վրայ պառկած օրերուդ թիւովը անոնց անօրէնութիւնը պիտի կրես, Քանզի ես անոնց անօրէնութեանը տարիները՝ օրերու թիւով քու վրադ դրի, երեք հարիւր իննիսուն օր, որպէս զի Իսրայէլի տանը անօրէնութիւնը կրես։ Երբ այն օրերը լմնցնես, պառկիր քու աջ կողմիդ վրայ ու քառասուն օր Յուդայի տանը անօրէնութիւնը կրէ՛։ Ամէն մէկ տարիին տեղ մէկ օր տուի քեզի։ Քու երեսդ դէպի Երուսաղէմի պաշարումը շտկէ ու քու բազուկդ մերկացո՛ւր ու անոր վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛։ Ահա քու վրադ կապեր պիտի դնեմ, որպէս զի մէկ կողմէդ միւս կողմը չդառնաս, մինչեւ քու պաշարման օրերդ լմնցնես»։ Դուն քեզի ցորեն, գարի, բակլայ, ոսպ, կորեկ ու հաճար ա՛ռ։ Զանոնք ամանի մը մէջ դիր ու անոնցմէ քեզի հաց շինէ՛։ Զանիկա, քու ձախ կողմիդ վրայ պառկած օրերուդ համրանքովը՝ երեք հարիւր իննսուն օր ուտես։ Ուտելու կերակուրդ կշիռքով ըլլայ, օրը քսան սիկղ։ Օրը մէկ անգամ պիտի ուտես։ Ջուրը չափով, հիմենի մը մէկ վեցերորդ մասը պիտի խմես։ Օրը մէկ անգամ պիտի խմես։ Քու կերակուրդ գարեղէն շօթերու պէս շինելով պիտի ուտես, զանիկա անոնց աչքին առջեւ մարդու աղբի վրայ եփելով»։ Տէրը ըսաւ. «Իսրայէլի որդիները այսպէս անմաքրութեամբ պիտի ուտեն իրենց հացը այն ազգերուն մէջ, ուր զանոնք պիտի քշեմ»։ Ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա իմ անձս չեմ պղծած եւ իմ տղայութենէս մինչեւ հիմա մեռած, կամ գազանէ պատառուած կենդանիի միս չեմ կերած ու իմ բերանս պիղծ միս չէ մտած»։ Ինծի ըսաւ. «Նայէ՛, քեզի մարդու աղբին տեղ կովու քակոր տուի, որ քու հացդ անոր վրայ եփես.։ Նաեւ ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, ահա ես Երուսաղէմի մէջ հացին ցուպը պիտի կոտրեմ ու հացը կշիռքով ու անձկութեամբ պիտի ուտեն ու ջուրը չափով եւ ապշութեամբ պիտի խմեն։ Վասն զի հացի ու ջուրի կարօտութիւն պիտի քաշեն ու իրարու սոսկումով պիտի նային եւ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի հալին»։ «Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի սուր դանակ մը եւ սափրիչի ածելի մը ա՛ռ եւ զանոնք գլխուդ վրայէն ու մօրուքիդ վրայէն անցո՛ւր։ Քեզի կշիռք մը ա՛ռ ու մազերդ բաժին բաժին ըրէ։ Մէկ երրորդ մասը քաղաքին մէջ կրակով այրէ, երբ պաշարման օրերը լմննան ու մէկ երրորդ մասը ա՛ռ եւ դանակով զա՛րկ անոր բոլորտիքը ու մէկ երրորդ մասը հովին ցրուէ։ Ես անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։ Անոնցմէ քիչ թիւով ա՛ռ ու զանոնք քղանցքներուդ մէջ ծրարէ՛։ Եւ դարձեալ անոնցմէ առ ու զանոնք կրակը նետէ եւ զանոնք կրակով այրէ. անկէ բոլոր Իսրայէլի տանը կրակ պիտի ելլէ»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասիկա Երուսաղէմն է. զանիկա ազգերուն մէջ ու իր բոլորտիքը եղող երկիրներուն մէջ դրի։ Անիկա իմ դատաստաններս՝ ազգերէն ու իմ կանոններս՝ իր շուրջի երկիրներէն աւելի ամբարշտութեան փոխեց՝ ՝, իմ դատաստաններս մերժեցին եւ իմ կանոններովս չքալեցին’։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեր շուրջի ազգերէն աւելի ապստամբ եղաք, իմ կանոններովս չքալեցիք եւ իմ դատաստաններս չգործադրեցիք. ո՛չ ալ ձեր շուրջի հեթանոսներուն սովորութիւններուն համեմատ ըրիք’։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ե՛ս, ես քեզի դէմ եմ ու ազգերու աչքերուն առջեւ քեզի դէմ արձակուած վճիռները պիտի գործադրեմ։ Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար այնպիսի բան մը պիտի ընեմ քու մէջդ, որուն նմանը ո՛չ ըրած եմ, ո՛չ ալ պիտի ընեմ։ Անոր համար քու հայրերդ իրենց տղաքը պիտի ուտեն ու տղաքը իրենց հայրերը պիտի ուտեն։ Քեզի դէմ տրուած վճիռները պիտի գործադրեմ ու քու բոլոր վերապրողներդ ամէն հովի պիտի ցրուեմ’։ ‘Ասոր համար ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որովհետեւ դուն քու բոլոր գարշութիւններովդ ու բոլոր պղծութիւններովդ իմ սրբարանս պղծեցիր, ես ալ անշուշտ քեզ պիտի կոտրեմ, իմ աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ։ Քու մէկ երրորդ մասդ ժանտախտով պիտի մեռնին, կամ քու մէջդ սովով պիտի սպառին, քու մէկ երրորդ մասդ չորս կողմդ սուրով պիտի իյնան ու մէկ երրորդ մասդ ալ ամէն հովի պիտի ցրուեմ ու անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։ Այսպէս իմ բարկութիւնս պիտի կատարուի եւ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի իջեցնեմ ու վրէժ պիտի առնեմ։ Երբ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ կատարեմ, պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ իմ նախանձովս խօսեցայ։ Ամէն անցնողին աչքերուն առջեւ, քու բոլորտիքդ եղող ազգերուն մէջ աւերման ու անարգութեան պիտի մատնեմ քեզ։ Երբ բարկութեամբ եւ սրտմտութեամբ ու սրտմտութեան պատիժներով քու վրադ վճիռները գործադրեմ, այս բանը քու բոլորտիքդ եղող ազգերուն մէջ անարգանք, նախատինք, առակ ու զարմացում պիտի ըլլայ’. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։ Անոնց վրայ սովին չար ու ապականիչ նետերը պիտի ղրկեմ, որոնք ձեզ ապականելու համար պիտի ղրկեմ, սովը ձեր վրայ պիտի աւելցնեմ ու ձեզի համար հացին ցուպը պիտի կոտրեմ։ Այսպէս ձեր վրայ սով ու չար գազաններ պիտի ղրկեմ, որ քեզ անզաւակ թողուն եւ քու մէջէդ ժանտախտ ու արիւն պիտի անցնի ու քու վրադ սուր պիտի բերեմ’. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Իսրայէլի լեռներուն դարձուր ու անոնց վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ Ու ըսէ՛. ‘Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէք’։ Այսպէս կ’ըսէ Եհովան՝ Տէրը լեռներուն, բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն. ‘Ահա ես ձեր վրայ սուր պիտի բերեմ ու ձեր բարձր տեղերը պիտի կործանեմ Եւ ձեր սեղանները աւերակ պիտի մնան ու ձեր արեգակի կուռքերը պիտի կոտրտին եւ ձեր մէջէն սպաննուածները ձեր կուռքերուն առջեւ ինկած պիտի ձգեմ։ Իսրայէլի որդիներուն դիակները իրենց կուռքերուն առջեւ պիտի դնեմ եւ ձեր ոսկորները ձեր սեղաններուն բոլորտիքը պիտի ցրուեմ։ Ձեր բոլոր բնակած տեղերուն մէջ քաղաքները աւերակ պիտի ըլլան ու բարձր տեղերը ամայի պիտի ըլլան. որպէս զի ձեր սեղանները աւերակ ու ամայի ըլլան եւ ձեր կուռքերը կոտրտին ու խափանուին եւ ձեր արեգակի կուռքերը կործանուին ու ձեր գործերը ջնջուին Ու ձեր մէջ սպաննուածները պիտի իյնան եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։ «Բայց երբ դուք երկիրներու մէջ ցրուիք, ձեզմէ սուրէն ազատուածները ազգերուն մէջ իբր մնացորդ պիտի թողում։ Ձեր ազատուածները զիս պիտի յիշեն այն ազգերուն մէջ, ուր գերի պիտի քշուին, վասն զի իրենց շնացող ու ինծմէ խոտորած սրտովն ու իրենց կուռքերուն ետեւէն պոռնկութիւն ընող աչքերովը տանջուեցայ՝ ՝։ Անոնք իրենց բոլոր պղծութիւններուն եւ ըրած չարութիւններուն պատճառով իրենց անձերէն պիտի զզուին։ Ու պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ պարապ տեղ չխօսեցայ՝ թէ այս չարիքը անոնց պիտի ընեմ»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ձեռքերդ իրարու զա՛րկ ու ոտքդ գետինը զա՛րկ ու ըսէ՛. ‘Ափսո՜ս Իսրայէլի տանը բոլոր չար պղծութիւններուն համար, վասն զի սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի իյնան։ Հեռուն եղողը ժանտախտով պիտի մեռնի ու մօտ եղողը սուրով պիտի իյնայ։ Մնացածը ու պաշարման մէջ եղողը՝ ՝ սովով պիտի մեռնի։ Այսպէս իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ։ Երբ անոնց սպաննուածները իրենց կուռքերուն մէջտեղ, իրենց սեղաններուն բոլորտիքը, ամէն բարձր բլուրի վրայ, բոլոր լեռներուն գլուխն ու ամէն կանանչ ծառի տակ եւ ամէն տերեւախիտ բեւեկնիի տակ փռուած ըլլան, ուր անոնք իրենց բոլոր կուռքերուն անոյշ հոտ կը մատուցանէին, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ Այսպէս իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի երկնցնեմ ու երկիրը, այսինքն անոնց բոլոր բնակած տեղերը, Դեբղայի կողմը եղող անապատէն աւելի ամայի ու աւերակ պիտի ընեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, մտի՛կ ըրէ. Տէր Եհովան Իսրայէլի երկրին համար այսպէս կ’ըսէ. ‘Վախճանը, երկրին չորս կողմին վրայ վախճանը հասեր է։ Հիմա քու վրադ վախճանը կու գայ Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի ղրկեմ Եւ քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմ Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։ Իմ աչքս քեզի պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. Հապա քու ճամբաներդ քու վրադ պիտի դնեմ Եւ քու պղծութիւններդ քու վրադ պիտի ըլլան Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Չարիք մը, ահա չարիք մը կու գայ։ Վախճանը կու գայ, վախճանը կու գայ։ Քեզի դէմ արթնցաւ, ահա կու գայ։ Ո՛վ երկրի բնակիչ, կարգը քեզի կու գայ, Ժամանակը կու գայ, խռովութեան օրը մօտեցաւ Եւ ո՛չ թէ լեռներուն ցնծութիւնը։ Հիմա մօտերս իմ սրտմտութիւնս քու վրադ պիտի թափեմ Ու իմ բարկութիւնս քու վրադ պիտի բորբոքի Ու քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի դատաստան պիտի ընեմ Եւ քու բոլոր պղծութիւններուդ համար քեզ պիտի պատժեմ։ Իմ աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. Քու ճամբաներուդ համաձայն քեզի հատուցում պիտի ընեմ, Քանզի քու պղծութիւններդ քու մէջդ են Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, որ կը զարնեմ»։ «Ահա օրը, ահա օրը կու գայ։ Կարգը քեզի հասաւ, Գաւազանը ծաղկեցաւ, ամբարտաւանութիւնը ընձիւղեցաւ։ Բռնութիւնը ելաւ ու ամբարշտութեան գաւազան եղաւ։ Անոնցմէ մարդ պիտի չմնայ. Անոնց բազմութենէն ու ստացուածքէն բան մը պիտի չմնայ, Անոնց մէջ վայելչութիւն պիտի չըլլայ»։ «Ժամանակը եկաւ, օրը մօտեցաւ. Գնողը թող չուրախանայ ու ծախողը թող չողբայ, Քանզի բոլոր բազմութեանը վրայ բարկութիւնը կու գայ ։ Վասն զի ծախողը իր ծախածին պիտի չդառնայ, Թէեւ ողջ ըլլան, Վասն զի անոր բոլոր բազմութեանը համար եղած տեսիլքը ետ պիտի չդառնայ, Մարդ իր կեանքին անօրէնութիւնովը պիտի չուժովնայ։ Փողը հնչեցուցին, ամէն բան պատրաստեցին, Բայց պատերազմի գացող չկայ. Վասն զի իմ բարկութիւնս անոր բոլոր բազմութեանը վրայ է»։ Դուրսէն սուր ու ներսէն ժանտախտ ու սով պիտի ըլլայ։ Դաշտը եղողը սուրով պիտի մեռնի, Սովն ու ժանտախտը պիտի ուտեն քաղաքին մէջ եղողները։ Անոնցմէ ողջ մնացողները Լեռները պիտի ապաստանին ու աղաւնիներու պէս պիտի ըլլան։ Ամէնքը պիտի հեծեն, ամէն մէկը իր անօրէնութեանը համար։ Բոլոր ձեռքերը պիտի թուլնան Ու ծունկերը ջուրի պէս պիտի հալին։ Անոնք քուրձեր պիտի հագնին Ու սոսկումը պիտի ծածկէ զանոնք։ Ամէն երեսի վրայ ամօթ, Ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի ըլլայ։ Իրենց արծաթը փողոցներուն մէջ պիտի նետեն, Անոնց ոսկին անարգ բան մը պիտի սեպուի։ Անոնց արծաթն ու ոսկին Տէրոջը բարկութեան օրը Կարող պիտի չըլլան զիրենք ազատել. Անով պիտի չկրնան իրենց անձը կշտացնել, Ո՛չ ալ իրենց փորը լեցնել։ Վասն զի անիկա իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը եղաւ։ Իրենց զարդերուն փառքը հպարտութեան դարձուցին Եւ անով իրենց գարշութիւններ, իրենց պղծութիւններուն պատկերներ շինեցին։ Այս պատճառով զանոնք անարգանքի պիտի մատնեմ։ Զանիկա օտարներուն ձեռքը պիտի տամ, որպէս զի յափշտակեն, Երկրի ամբարիշտներուն՝ որպէս զի զանիկա կողոպտեն Ու զանիկա պիտի պղծեն։ Իմ երեսս անոնցմէ պիտի դարձնեմ, Իմ գաղտնի տեղս պիտի պղծեն, Հոն յափշտակողներ պիտի մտնեն, Զանիկա պիտի պղծեն։ «Շղթայ մը շինէ, Վասն զի երկիրը արիւնոտ ոճիրներով լեցուեցաւ Ու քաղաքը բռնութիւնով լեցուեցաւ։ Ազգերուն խիստ չարերը պիտի բերեմ, Որ անոնց տուները ժառանգեն։ Եւ ամբարտաւանութիւնը պիտի դադրեցնեմ Ու անոնց սուրբ տեղերը պիտի պղծուին։ Կործանումը կու գայ։ Խաղաղութիւն պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնուի։ Պատուհասի վրայ պատուհաս պիտի գայ, Գուժի վրայ գոյժ պիտի ըլլայ. Մարգարէէն տեսիլք պիտի ուզեն, Քահանայէն՝ օրէնքը ու ծերերէն խորհուրդը պիտի կորսուի։ Թագաւորը սուգ պիտի բռնէ, Իշխանը սոսկում պիտի հագնի, Երկրին ժողովուրդին ձեռքերը վախով պիտի թուլնան. Անոնց ճամբաներուն համաձայն անոնց հատուցում պիտի ընեմ Եւ անոնց դատաստաններուն համաձայն զանոնք պիտի դատեմ Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ Վեցերորդ տարուան, վեցերորդ ամսուան հինգերորդ օրը, ես իմ տանս մէջ կը նստէի եւ Յուդայի ծերերը իմ առջեւս կը նստէին ու հոն Տէր Եհովային ձեռքը իմ վրաս ինկաւ։ Նայեցայ ու ահա մարդու կերպարանք մը կար կրակի երեւոյթով։ Անոր մէջքէն վար կրակ էր ու անոր մէջքէն վեր ոսկեպղինձի նման փայլուն երեւոյթ մը կար։ Անիկա ձեռքի նմանութիւն մը երկնցուց ու իմ գլխուս մազերէն բռնեց ու Հոգին զիս երկրի ու երկնքի մէջտեղ վերցուց եւ զիս Աստուծոյ տեսիլքով Երուսաղէմ, դէպի հիւսիս նայող ներքին դրանը մուտքը տարաւ, ուր նախանձի կուռքը կը կենար։ Ահա հոն, դաշտին մէջ տեսած տեսիլքիս պէս Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը հո՛ն էր։ Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, հիմա քու աչքերդ դէպի հիւսիս վերցուր»։ Երբ աչքերս դէպի հիւսիս վերցուցի, ահա սեղանին դրանը մուտքին հիւսիսային կողմը այս Նախանձի կուռքը տեսայ։ Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս այն մեծ պղծութիւնները, որոնք Իսրայէլի տունը հոս կ’ընէ, որպէս զի ես իմ սրբարանէս հեռանամ։ Բայց նորէն դարձիր ու աւելի մեծ պղծութիւններ պիտի տեսնես»։ Զիս գաւիթին դուռը տարաւ ու տեսայ որ պատին վրայ ծակ մը կար։ Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, հիմա այս պատը փորէ՛»։ Երբ պատը փորեցի, դուռ մը տեսայ։ Ինծի ըսաւ. «Մտի՛ր ու տե՛ս այն չար պղծութիւնները, որոնք անոնք հոս կ’ընեն»։ Ես մտայ ու տեսայ ամէն տեսակ սողուններու ու գարշելի անասուններու պատկերներ եւ Իսրայէլի տանը բոլոր կուռքերը պատին վրայ շուրջանակի փորուած էին։ Անոնց առջեւ կայնած էին Իսրայէլի տանը ծերերէն եօթանասուն մարդ։ Եւ Սափանի որդին Յեզոնիան ալ անոնց մէջ կայնած էր։ Ամէն մէկը ձեռքը բուրվառ մը ունէր ու խունկին ծուխը ամպի պէս վեր կ’ելլէր։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս թէ ինչէ՜ր կ’ընեն Իսրայէլի տանը ծերերը մութ տեղը, ամէն մարդ իր ծածուկ պատկերատանը մէջ. վասն զի անոնք կ’ըսեն թէ՝ ‘Տէրը մեզ չի տեսներ, Տէրը երկիրը թողուց’»։ Ինծի ըսաւ. «Նորէն դարձիր եւ անոնց ըրած աւելի մեծ պղծութիւնները պիտի տեսնես»։ Զիս Տէրոջը տանը դէպի հիւսիս նայող դրանը մուտքը տարաւ, ուր Թամուզի համար լացող կիներ կը նստէին։ Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս. նորէն դարձիր ու ասոնցմէ աւելի մեծ պղծութիւններ պիտի տեսնես»։ Զիս Տէրոջը տանը ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը տաճարին դուռը, սրահին ու սեղանին մէջտեղ, քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնք կռնակնին Տէրոջը տաճարին դարձուցեր էին ու երեսնին դէպի արեւելք ու արեւուն երկրպագութիւն կ’ընէին։ Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, տեսա՞ր. միթէ Յուդայի տանը պզտի՞կ բան կ’երեւնայ իրենց հոս ըրած պղծութիւնները, որ երկիրն ալ բռնութիւնով լեցուցին ու զիս բարկացնել ջանացին։ Ահա ճիւղը իրենց քթին կ’երկնցնեն։ Ու ես ալ սրտմտութեամբ պիտի վարուիմ անոնց հետ ։ Աչքս պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ։ Անոնք իմ ականջներուս մեծ ձայնով պիտի կանչեն, սակայն անոնց մտիկ պիտի չընեմ»։ Ապա մեծ ձայնով կանչեց իմ ականջներուս ու ըսաւ. «Քաղաքին վրայ դահիճները մօտեցուցէ՛ք ու ամէն մէկը իր քանդող գործիքը իր ձեռքը թող առնէ։ Ահա դէպի հիւսիս նայող վերի դրանը ճամբայէն վեց մարդ կու գար։ Ամէն մէկուն քանդող գործիքը իր ձեռքն էր։ Անոնց մէջ կտաւէ զգեստ հագած մարդ մը կար, որ մէջքը գրագիրի կաղամար ունէր։ Անոնք գացին պղնձէ սեղանին քով կայնեցան։ Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը, որ քերովբէներուն վրայ էր, անոնց վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ կանչեց կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը։ Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Երուսաղէմ քաղաքին մէջէն անցիր ու անոր մէջ եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող մարդոցը ճակատներուն վրայ նշան դիր»։ Իսկ միւսներուն ըսաւ. «Անոր ետեւէն քաղաքէն անցէք ու զարկէք. աչքերնիդ թող չխնայէ ու մի՛ ողորմիք. Ծերը, երիտասարդն ու կոյսը, պզտիկ տղաքն ու կիները սպաննեցէ՛ք ու կորսնցուցէ՛ք, բայց վրան նշան ունեցող մարդուն ամենեւին մի՛ մօտենաք։ Իմ սրբարանէս սկսեցէ՛ք»։ Ուստի տանը առջեւ եղող ծեր մարդոցմէն սկսան Եւ անոնց ըսաւ. «Տունը ապականեցէ՛ք ու գաւիթները մեռելներով լեցուցէ՛ք ու ելէ՛ք»։ Անոնք ելան ու քաղաքին մէջ շատեր զարկին։ Երբ զանոնք զարկին ու ես մնացի, այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ եւ աղաղակելով՝ ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, դուն Երուսաղէմի վրայ քու բարկութիւնդ թափելով՝ Իսրայէլի բոլոր մնացորդը բնաջի՞նջ պիտի ընես»։ Ինծի ըսաւ. «Իսրայէլի եւ Յուդայի տանը անօրէնութիւնը խիստ շատ մեծ է ու երկիրը արիւնով լեցուեցաւ եւ քաղաքը անիրաւութիւնով լեցուեցաւ. վասն զի ըսին. ‘Տէրը երկիրը թողուց ու մեզ չի տեսներ’։ Ուստի իմ աչքս ա՛լ պիտի չխնայէ ու պիտի չողորմիմ. իրենց հատուցումը իրենց գլուխը պիտի բերեմ»։ Ահա կտաւէ զգեստ հագած ու մէջքը կաղամար ունեցող մարդը լուր բերաւ ու ըսաւ. «Ինծի հրամայածիդ պէս ըրի»։ Տեսայ թէ քերովբէներուն գլխուն վերեւ՝ երկնքի հաստատութեան մէջ շափիւղայ քարէ շինուած գահի նմանող բան մը կ’երեւնար։ Կտաւէ զգեստ հագած մարդուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քրովբէներուն տակ եղող անիւներուն մէջտեղ մտի՛ր եւ ձեռքերդ քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակի կայծերով լեցո՛ւր ու քաղաքին վրայ ցանէ՛»։ Անիկա իմ աչքերուս առջեւ՝ մտաւ։ Երբ այն մարդը մտաւ, քերովբէները տանը աջ կողմը կեցեր էին եւ ամպը ներքին գաւիթը լեցուցեր էր։ Տէրոջը փառքը քերովբէներուն վրայէն տանը սեմը իջաւ եւ տունը՝ ամպով ու գաւիթը Տէրոջը փառքին պայծառութիւնովը լեցուեցաւ։ Քերովբէներուն թեւերուն ձայնը մինչեւ արտաքին գաւիթը կը լսուէր՝ Ամենակարող Աստուծոյ ձայնին պէս՝ երբ կը խօսի։ Երբ կտաւէ զգեստ հագած մարդուն հրամայեց ու ըսաւ թէ ‘Քերովբէներուն մէջտեղ եղող անիւներուն մէջէն կրակ առ’, անիկա գնաց անիւներուն քով կայնեցաւ։ Քերովբէներէն մէկը իր ձեռքը քերովբէներուն մէջտեղ եղող կրակին երկնցուց ու առաւ եւ կտաւէ զգեստ հագնողին ձեռքը տուաւ։ Անիկա ալ առաւ ու ելաւ (Ու քերովբէներուն թեւերուն տակ մարդու ձեռքի նման բան մը կ’երեւնար)։ Եւ տեսայ թէ քերովբէներուն քով չորս անիւ կար, ամէն մէկ քերովբէին քով մէկ անիւ։ Անիւները ոսկեքարի կը նմանէին։ Անոնց չորսին երեւոյթն ալ նոյնն էին, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ անցած ըլլար։ Գացած ատեննին իրենց չորս կողմերուն վրայ կ’երթային, աջ կամ ձախ կողմը չէին դառնար, վասն զի ո՛ր կողմը որ գլուխը կը նայէր, անոր ետեւէն կ’երթային։ Գացած ատեննին չէին դառնար։ Անոնց մարմինը, կռնակներն ու ձեռքերն ու թեւերը եւ անիւները, այսինքն այն չորսին անիւները, ամէն կողմէ աչքերով լեցուն էին։ Անիւներուն համար լսեցի որ անոնց անուն դրուեցաւ « Մրրիկ» Եւ ամէն մէկը չորս երես ունէր։ Առաջին երեսը քերովբէի երես էր, երկրորդը՝ մարդու երես էր, երրորդը՝ առիւծի երես էր, չորրորդը՝ արծիւի երես էր։ Ու քերովբէները բարձրացան։ Քոբար գետին քով տեսնուած կենդանիները ասոնք էին Ու երբ քերովբէները կ’երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային ու երբ քերովբէները երկրէն բարձրանալու համար թեւերնին կը վերցնէին, անիւներն ալ անոնց քովէն չէին զատուիր։ Երբ անոնք կայնէին, ասոնք ալ կը կայնէին, երբ անոնք բարձրանային, ասոնք ալ կը բարձրանային անոնց հետ. վասն զի անոնց մէջ կենդանիներուն ոգին կար։ Տէրոջը փառքը տանը սեմին վրայէն ելաւ ու քերովբէներուն վրայ կայնեցաւ։ Իմ աչքերուս առջեւ քերովբէները ելլելով՝ թեւերնին վերցուցին ու երկրէն բարձրացան. անիւներն ալ անոնց հետ ու Տէրոջը տանը արեւելեան դրանը մուտքը կայնեցան ու Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը անոնց վրայ էր։ Քոբար գետին քով Իսրայէլի Աստուծոյն տակ տեսնուած կենդանիները ասոնք էին ու գիտցայ թէ անոնք քերովբէներ են։ Ամէն մէկը չորս երես ու ամէն մէկը չորս թեւ ունէր եւ անոնց թեւերուն տակ մարդու ձեռքերու նմանութիւնը կար։ Ու անոնց երեսներուն երեւոյթը այն երեսներուն կը նմանէր, որոնք Քոբար գետին քով տեսայ, թէ՛ անոնց կերպարանքը եւ թէ՛ իրենք։ Ամէն մէկը շիտակ յառաջ կ’երթար։ Հոգին զիս վերցուց ու Տէրոջը տանը դէպի արեւելք նայող արեւելեան դուռը տարաւ։ Դրանը մուտքը քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնց մէջ՝ ժողովուրդին իշխանները, Ազուրի որդին Յեզոնիան ու Բանեայի որդին Փաղատիան ալ տեսայ։ Անիկա ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Ասոնք են այն մարդիկը, որ անօրէնութիւն կը մտածեն Ու չար խորհուրդ կու տան այս քաղաքին Ու կ’ըսեն. ‘Մօտ չէ ժամանակը, տուներ շինենք’. Այս քաղաքը կաթսայ է ու մենք միս ենք»։ Ուստի մարգարէացի՛ր անոնց վրայ։ Մարգարէացի՛ր, որդի՛ մարդոյ։ Այն ատեն Տէրոջը Հոգին իմ վրաս եկաւ Ու ինծի ըսաւ. «Ըսէ թէ Տէրը ասյպէս կ’ըսէ. ‘Դուք այդպէս ըսիք’, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Բայց ես ձեր մտքէն անցածը գիտեմ։ Դուք այս քաղաքին մէջ ձեր սպաննուածները շատցուցիք Ու անոր փողոցները սպաննուածներով լեցուցիք»։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր սպաննուածները, որոնք անոր մէջ դրիք, Անոնք միսն են ու անիկա կաթսան է. Բայց ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ։ Դուք սուրէն վախցաք Ու ես սուրը ձեր վրայ պիտի բերեմ’, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ, Ձեզ օտարներուն ձեռքը պիտի մատնեմ Ու ձեր մէջ դատաստաններ պիտի գործադրեմ։ Դուք սուրով պիտի իյնաք։ Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ Այս քաղաքը ձեզի համար կաթսայ պիտի չըլլայ, Որ դուք անոր մէջ միս ըլլաք։ Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ։ Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը. Քանի որ իմ օրէնքներովս չքալեցիք Ու իմ հրամաններս չգործադրեցիք, Հապա ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն սովորութիւններուն համեմատ վարուեցաք’»։ Իմ մարգարէութիւն ըրած ատենս Բանեայի որդին Փաղատիան մեռաւ։ Այն ատեն երեսիս վրայ ինկայ, բարձր ձայնով աղաղակեցի ու ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, միթէ Իսրայէլի մնացորդը բոլորովին պիտի սպառե՞ս»։ Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, քու եղբայրներդ, քու ազգականներդ ու բոլոր Իսրայէլի տունը, ամէնքը այն մարդիկն են, որոնց Երուսաղէմի բնակիչները ըսին. ‘Տէրոջը քովէն հեռացէ՛ք. այս երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուած է’։ Անոր համար ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Թէեւ զանոնք ազգերու մէջ տարի Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցրուեցի, Բայց անոնց մտած երկիրներուն մէջ Քիչ մը ատեն անոնց սրբարան պիտի ըլլամ’։ Անոր համար ըսէ. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հաւաքեմ Եւ ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝ Ուր դուք ցրուըուած էք։ Ձեզի պիտի տամ Իսրայէլի երկիրը։ Հոն պիտի մտնեն, Անոր բոլոր գարշութիւնները, Բոլոր պղծութիւնները անկէ պիտի վերցնեն։ Անոնց մէկ սիրտ պիտի տամ, Անոնց ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ. Անոնց մարմինէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու Անոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ. Որպէս զի իմ օրէնքներուս մէջ քալեն, Իմ պատուէրներս պահեն ու զանոնք գործադրեն։ Անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան, Ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ։ Բայց անոնց ՝ որոնց սիրտը իրենց կամքին գարշութիւններուն Ու պղծութիւններուն ետեւէն կ’երթայ, Անոնց գործերը իրենց գլուխը պիտի բերեմ’, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Քերովբէները իրենց թեւերը վերցուցին ու անիւները անոնց հետ էին եւ Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը վերէն անոնց վրայ էր։ Եւ Տէրոջը քաղաքին մէջտեղէն ելաւ եւ քաղաքին արեւելեան կողմը եղող լերանը վրայ կայնեցաւ։ Ու Հոգին զիս վերցուց եւ Քաղդէացիներու երկիրը եղող գերիներուն քով տարաւ։ Ասիկա տեսիլքի մէջ եղաւ Աստուծոյ Հոգիովը։ Այն տեսած տեսիլքս իմ վրայէս հեռացաւ։ Ու ես գերիներուն իմացուցի Տէրոջը բոլոր խօսքերը, որոնք ինծի յայտներ էր։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, դուն ապստամբներու տանը մէջ բնակած ես, որոնք տեսնելու աչքեր ունին ու չեն տեսներ եւ լսելու ականջներ ունին ու չեն լսեր. վասն զի, անոնք ապստամբներու տուն են։ Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի չուելու կարասիներ պատրաստէ՛ ու անոնց աչքերուն առջեւ ցորեկով չուէ՛ եւ անոնց աչքերուն առջեւ եղած տեղէդ ուրիշ տեղ մը գնա՛, թերեւս ուշադրութիւն ընեն, թէեւ անոնք՝ ՝ ապստամբներու տուն են։ Անոնց աչքերուն առջեւ քու կարասիներդ ցորեկով հանէ՛, չուելու կարասիներու պէս. բայց դուն անոնց աչքերուն առջեւ իրիկունը ելի՛ր, գերութեան գացողներու պէս։ Անոնց աչքերուն առջեւ պատը ծակէ ու անկէ հանէ. Անոնց աչքերուն առջեւ զանոնք ուսիդ վրայ վերցուր ու մթնցած ատեն հանէ. երեսդ ծածկէ, որպէս զի երկիրը չտեսնես. վասն զի քեզ Իսրայէլի տանը նշան տուի»։ Այնպէս ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ։ Իմ կարասիներս չուելու կարասիներու պէս ցորեկով հանեցի ու իրիկունը ձեռքովս պատը ծակեցի ու մթնցած ատեն հանեցի. անոնց աչքերուն առջեւ ուսիս վրայ վերցուցի։ Առտուն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը, այն ապստամբներու տունը, քեզի չըսի՞ն թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընես’։ Անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս պատգամը Երուսաղէմի մէջ եղող իշխանին ու հոն բնակող Իսրայէլի բոլոր տանը համար է։ Ըսէ՛՝ Ես ձեզի համար նշան եմ։ Ես ինչպէս ըրի, անոնց այնպէս պիտի ըլլայ։ Անոնք պիտի չուեն ու գերութեան երթան։ Անոնց մէջ եղող իշխանը Իր ուսին վրայ բեռ պիտի վերցնէ Ու մթնցած ատեն պիտի ելլէ։ Պատը պիտի ծակեն, որպէս զի անկէ հանեն։ Անիկա իր երեսը պիտի ծածկէ, Որպէս զի երկիրը աչքով չտեսնէ։ Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ Ու անիկա իմ որոգայթիս մեջ պիտի բռնուի։ Զանիկա Բաբելոն, Քաղդէացիներու երկիրը, պիտի տանիմ։ Անիկա այն տեղը պիտի չտեսնէ, Թէեւ հոն պիտի մեռնի։ Անոր բոլորտիքը եղող բոլոր օգնականները Ու անոր բոլոր գունդերը Բոլոր հովերուն պիտի ցրուեմ, Անոնց ետեւէն սուր պիտի քաշեմ։ Երբ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ Ու զանոնք երկիրներու մէջ ցանեմ, Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ Անոնցմէ սուրէն, սովէն ու ժանտախտէն ազատուած Քիչ մարդ պիտի թողում, Որպէս զի իրենց բոլոր պիղծ գործերը պատմեն Այն ազգերուն մէջ, որոնց մէջ պիտի մտնեն Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, քու հացդ դողալով կե՛ր Ու ջուրդ տագնապով եւ անձկութեամբ խմէ՛ Ու երկրի ժողովուրդին ըսէ՛. Իսրայէլի երկրին մէջ եղող Երուսաղէմի բնակիչներուն համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Անոնք իրենց հացը անձկութեամբ պիտի ուտեն Ու իրենց ջուրը ապշութեամբ պիտի խմեն, Որպէս զի իրենց երկիրը բոլորովին ամայի մնայ Իր բոլոր բնակիչներուն անիրաւութեանը պատճառով։ Մարդաբնակ քաղաքները պիտի աւրուին, Երկիրը ամայի պիտի ըլլայ Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեզի այն առակը, Որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ կը գործածէք Ու կ’ըսէք. ‘Օրերը կ’երկննան Ու ամէն տեսիլք պարապ կ’ելլէ’։ Անոր համար անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս առակը պիտի խափանեմ Եւ այս առակը անգամ մըն ալ Իսրայէլի մէջ պիտի չգործածուի’։ Բայց անոնց ըսէ. ‘Օրերը մօտեցան, Ամէն պատգամ պիտի կատարուի։ Վասն զի Իսրայէլի տանը մէջ անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք Եւ շողոքորթութեան գուշակութիւն պիտի չըլլայ։ Քանզի ես Տէրս կը խօսիմ՝ ՝ Ու խօսքիս գործադրութիւնը Ա՛լ պիտի չուշանայ, Վասն զի ձեր օրերուն մէջ, ո՛վ ապստամբներու տուն, Բան մը պիտի ըսեմ ու պիտի կատարեմ’, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Նորէն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, ահա Իսրայէլի տունը կ’ըսեն թէ ‘Ասոր տեսած տեսիլքը շատ օրերու համար է Ու ասիկա հեռաւոր ժամանակներու համար մարգարէութիւն կ’ընէ’։ Ուստի անոնց ըսէ. Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան. ‘Այսուհետեւ ոչ մէկ խօսք պիտի ուշանայ, Հապա իմ խօսքս պիտի կատարուի’։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէութիւն ընող Իսրայէլի մարգարէներուն դէմ մարգարէացի՛ր Ու իրենց սրտէն մարգարէութիւն ընողներուն ըսէ՛. ‘Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. Վա՜յ անզգամ մարգարէներուն, Որոնք իրենց հոգիին ետեւէն կ’երթան Ու բան մը տեսած չեն’։ Քու մարգարէներդ, ո՛վ Իսրայէլ, Աւերակներու մէջ եղող աղուէսներու պէս եղան։ Խրամատը չելաք, Տէրոջը օրը պատերազմի մէջ հաստատ կենալու համար։ Իսրայէլի տունը պարսպով չպատեցիք։ Անոնք ունայն տեսիլք եւ սուտ գուշակութիւն կը տեսնեն Եւ կ’ըսեն թէ ‘Տէրը ըսաւ’, Թէեւ Տէրը զանոնք ղրկած չէ։ Եւ յոյս կու տան թէ իրենց խօսքը պիտի կատարուի։ Միթէ դուք ունայն տեսիլքներ չտեսա՞ք Եւ սուտ գուշակութիւններ չըրի՞ք Ու չըսի՞ք թէ ‘Տէրը խօսեցաւ’, Երբ ես խօսած չէի»։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր խօսքին ունայն Ու ձեր տեսիլքին սուտ ըլլալուն համար՝ Ահա ես ձեզի դէմ էմ»։ «Իմ ձեռքս ունայն տեսիլք տեսնող Եւ սուտ գուշակութիւն ընող մարգարէներուն դէմ պիտի ըլլայ։ Անոնք իմ ժողովուրդիս խորհուրդին մէջ պիտի չըլլան, Իսրայէլի տանը գրքին մէջ պիտի չգրուին, Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնեն Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան։ Որովհետեւ անոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն Եւ ‘Խաղաղութիւն է’՝ կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ Ու ժողովուրդը պատ կը շինէ Եւ գուշակողները կիրով կը ծեփեն զանիկա։ Այն կիրով ծեփողներուն ըսէ թէ ‘Անիկա պիտի փլչի’. Յորդահոս անձրեւ պիտի գայ Եւ դուք, ո՛վ կարկուտի քարեր, պիտի իյնաք Ու զանիկա մրրկալից հովը պիտի ճեղքէ։ Երբ պատը փլչի, Ձեզի պիտի չըսե՞ն թէ ‘Ո՞ւր է այն ծեփը, որով դուք ծեփեցիք’, Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իմ սրտմտութիւնովս մրրկալից հով մը պիտի հանեմ Եւ իմ բարկութիւնովս՝ յորդահոս անձրեւ Ու սրտմտութիւնովս կարկուտի քարեր պիտի գան, Որպէս զի զանիկա բնաջինջ ընեն։ Կիրով ծեփուած պատերնիդ պիտի փլցնեմ, Զանիկա գետնին հաւասար պիտի ընեմ. Անոր հիմը պիտի երեւնայ եւ անիկա պիտի իյնայ, Դուք անոր մէջ բնաջինջ պիտի ըլլաք Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ Եւ ես իմ սրտմտութիւնս պատին վրայ Ու զանիկա կիրով ծեփողներուն վրայ պիտի թափեմ Ու ձեզի պիտի ըսեմ, ‘Պատը ու զանիկա ծեփողները ոչինչ եղան’, Այսինքն Իսրայէլի մարգարէները, Որոնք Երուսաղէմի համար մարգարէութիւն կ’ընէին Եւ անոր վրայով խաղաղութեան տեսիլքներ կը տեսնէին, Քանի որ խաղաղութիւն չկար»։ «Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, երեսդ շտկէ՛ քու ժողովուրդիդ աղջիկներուն դէմ, որոնք իրենց սրտէն մարգարէութիւն կ’ընեն ու անոնց համար մարգարէացիր Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Վա՜յ այն կիներուն, որոնք ամէն թեւերու տակ մոգական բարձ կը կարեն եւ ամէն հասակի մարդոց գլուխներուն լաչակներ կը շինեն, որպէս զի հոգիներ որսան’։ Միթէ դուք իմ ժողովուրդիս հոգիները որսալով ձեր հոգիները պիտի ապրեցնէ՞ք։ Ժողովուրդին առջեւ զիս կ’անարգէք բուռ մը գարիի եւ պատառ մը հացի համար։ Կը մեռցնէք անձեր, որոնք մահապարտ չէին։ Կ’ապրեցնէիք անձեր, որոնք ապրելու չէին։ Իմ ժողովուրդիս առջեւ սուտ կը խօսիք, որը կ’ախորժի սնոտաբանութիւն լսելէ’։ Ատոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր բարձերուն դէմ եմ, որոնցմով դուք հոգիները կ’որսաք թռչուններու պէս եւ զանոնք ձեր թեւերէն պիտի պատռեմ ու այն հոգիները պիտի արձակեմ, որոնք դուք կ՛որսաք թռչուններու պէս՝ ՝ Եւ ձեր լաչակները պիտի պատռեմ ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ ձեր ձեռքին մէջ որս պիտի չըլլան ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’։ Վասն զի դուք արդարին սիրտը ձեր սուտերովը տրտմեցուցիք, որ ես չէի տրտմեցուցած ու ամբարշտին ձեռքը ուժովցուցիք, որպէս զի չար ճամբայէն չդառնայ ու ապրի։ Անոր համար անգամ մըն ալ ունայն տեսիլք պիտի չտեսնէք եւ գուշակութիւն պիտի չընէք ու իմ ժողովուրդս ձեր ձեռքէն պիտի ազատեմ եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։ Իսրայէլի ծերերէն քանի մը մարդիկ ինծի եկան ու իմ առջեւս նստան։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, այդ մարդիկը իրենց կուռքերը իրենց սրտերուն մէջ կանգնեցուցին ու իրենց անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իրենց երեսներուն առջեւ դրին. միթէ անոնց պատասխան պիտի տա՞մ՝ ՝։ Ուստի անոնց հետ խօսէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլի տունէն ով որ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնեցնէ ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ ու մարգարէին գայ, այն եկողին՝ ես Տէրս անոր կուռքերուն շատութեանը համաձայն պատասխան պիտի տամ Որպէս զի Իսրայէլի տունը իրենց սրտերէն բռնեմ, վասն զի անոնք իրենց կուռքերով ինծմէ օտարացան’»։ «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դարձէ՛ք ու ձեր կուռքերէն ձեզ դարձուցէք եւ ձեր պղծութիւններէն երեսնիդ դարձուցէք’։ Քանզի Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ պանդուխտ եղող օտարականներէն ով որ ինծմէ զատուի եւ իր կուռքերը իր սրտին մէջ կանգնեցնէ ու իր անօրէնութեանը գայթակղութիւնը իր երեսին առջեւ դնէ եւ մարգարէին գայ՝ անոր միջոցով ինծի հարցնելու համար, ես Տէրս ինծմէ պատասխան պիտի տամ անոր Ու իմ երեսս այն մարդուն վրայ պիտի հաստատեմ եւ զանիկա պիտի խայտառակեմ ու զանիկա իմ ժողովուրդիս մէջէն բնաջինջ պիտի ընեմ, որ գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։ «Եթէ մարգարէ մը սխալելով բան մը խօսի, այն մարգարէն ես Տէրս սխալեցուցի ու իմ ձեռքս անոր վրայ պիտի երկնցնեմ եւ իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջէն զանիկա պիտի կորսնցնեմ։ Անոնք իրենց պատիժը պիտի կրեն, բան հարցնողին պատիժը ու մարգարէին պատիժը նոյնը պիտի ըլլայ. Որպէս զի Իսրայէլի տունը անգամ մըն ալ ինծմէ չխոտորի ու անգամ մըն ալ իրենց յանցանքներով չպղծուին, հապա անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, եթէ երկիր մը անհաւատարմութիւն ընելով ինծի դէմ մեղանչէ ու ես անոր վրայ իմ ձեռքս երկնցնեմ ու անոր հացին ցուպը կոտրեմ եւ անոր վրայ սով ղրկեմ ու մարդը եւ անասունը անկէ կոտորեմ։ Եթէ այս երեք մարդիկը, Նոյը, Դանիէլը ու Յոբն ալ անոր մէջ ըլլան, անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց հոգին պիտի ազատեն»։ «Եթէ երկրին վրայ չար գազաններ բերեմ, որոնք զանիկա անզաւակ թողուն ու երկիրը ամայի ըլլայ, այնպէս որ գազաններուն պատճառով անկէ անցնող չըլլայ. Եթէ այն երեք մարդիկն ալ անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղաքներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել. միայն իրենք պիտի ազատին ու երկիրը ամայի պիտի ըլլայ։ «Կամ եթէ այն երկրին վրայ սուր բերեմ եւ ըսեմ թէ ‘Ո՛վ սուր, երկրին մէջէն անցիր’ ու անկէ մարդն ու անասունը կոտորեմ Եւ եթէ այն երեք մարդիկը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղաքներն ու աղջիկները պիտի չկարենան ազատել։ Միայն իրենք պիտի ազատին։ «Կամ եթէ այն երկրին վրայ ժանտախտ ղրկեմ ու արիւնով իմ բարկութիւնս անոր վրայ թափեմ, այնպէս որ մարդն ու անասունը անկէ կոտորեմ Եւ Նոյը, Դանիէլն ու Յոբը անոր մէջ ըլլան, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ իրենց տղան կամ աղջիկը պիտի չկարենան ազատել. անոնք իրենց արդարութիւնովը՝ միայն իրենց անձը պիտի ազատեն»։ Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որչա՜փ աւելի, երբ ես իմ չորս սաստիկ պատիժներս՝ սուրը, սովը, չար գազաններն ու ժանտախտը՝ Երուսաղէմի վրայ ղրկեմ՝ մարդն ու անասունը անկէ կոտորելու համար։ Բայց ահա հոն ողջ մնացողներ պիտի ըլլան՝ այսինքն տղաքներ ու աղջիկներ, որոնք պիտի ելլեն. անոնք ձեզի պիտի գան եւ անոնց ճամբան ու անոնց գործերը պիտի տեսնէք ու Երուսաղէմի վրայ բերած չարիքիս համար, անոր վրայ բերած բոլոր չարիքիս համար, պիտի մխիթարուիք։ Ու երբ անոնց ճամբան ու գործերը տեսնէք, անոնք ձեզ պիտի մխիթարեն եւ պիտի գիտնաք թէ ինչ որ ըրի անոր մէջ՝ առանց պատճառի չըրի, կ’ըսէ Տէր Եհովան»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, որթատունկին փայտը ի՞նչ առաւելութիւն ունի ուրիշ փայտերէ, Այսինքն այնպիսի ճիւղ մը, որ անտառի ծառերուն մէջ է։ Միթէ ան իբր փայտ կ’առնուի՞, բանի մը գործածելու համար. Կամ թէ անկէ ցից մը կը շինուի՞, անկէ աման մը կախելու համար։ Ահա կրակի մէջ կը նետուի, անոր կերակուր ըլլալու համար։ Կրակը անոր երկու ծայրերը կ’ուտէ Ու մէջը կ’այրէ։ Միթէ անիկա բանի մը օգտակար կ’ըլլա՞յ։ Ահա անիկա ողջ եղած ատենը բանի մը չի ծառայեր. Ալ ո՞ւր մնաց որ անիկա բանի մը օգտակար ըլլայ, Երբ կրակը զանիկա սպառէ եւ հատցնէ։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Անտառին փայտերուն մէջ ինչպէս է որթատունկին փայտը, Որ կրակին տուի կերակուրի համար, Այնպէս ալ Երուսաղէմի բնակիչները տուի։ Իմ երեսս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ. Անոնք մէկ կրակէն պիտի ազատին, Բայց ուրիշ կրակ մը զանոնք պիտի ուտէ։ Երբ իմ երեսս անոնց վրայ հաստատեմ, Պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ Եւ իրենց անհաւատարմութեան համար Երկիրը ամայի պիտի ընեմ’»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Երուսաղէմին գիտցո՛ւր իր պղծութիւնները Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ Երուսաղէմին. ‘Քու սկիզբդ ու ծնունդդ Քանանացիներու երկրէն էր, Քու հայրդ Ամօրհացի ու մայրդ Քետացի էր։ Քու ծնունդդ այսպէս էր ։ Քու ծնած օրդ պորտդ չկտրուեցաւ Ու մաքրուելու համար ջուրով չլուացուեցար Եւ աղով չաղուեցար ու խանձարուրով չփաթթուեցար։ Աչք մը քեզի չխնայեց, որ քեզի ողորմի Ու այս բաներէն ոեւէ մէկը քեզի ընէ։ Բայց ծննդեան օրդ Քու անձիդ գարշութիւնովը դաշտի երեսին վրայ նետուեցար’»։ «Երբ ես քու քովէդ անցայ, Քեզ արիւնիդ մէջ թաղուած տեսայ։ Ու երբ արիւնիդ մէջ էիր, քեզի ‘Ապրէ՛’, ըսի. Թէեւ արիւնիդ մէջ էիր, քեզի ‘Ապրէ՛’, ըսի Եւ դաշտի բոյսերուն պէս աճեցուցի։ Դուն շատցար ու մեծցար, Կատարեալ գեղեցկութեան հասար։ Ստինքներդ գոյացան ու մազերդ աճեցան, Բայց դուն մերկ ու անծածկոյթ էիր։ «Քու քովէդ անցայ ու քեզի նայեցայ, Ահա սիրոյ տարիքին մէջ էիր։ Ես իմ քղանցքս քու վրադ տարածեցի Եւ քու մերկութիւնդ ծածկեցի։ Երդում ընելով՝ Քեզի հետ ուխտ ըրի, կ’ըսէ Տէր Եհովան Ու դուն իմս եղար։ Ապա քեզ ջուրով լուացի, Քու վրայէդ քու արիւնդ մաքրեցի, Քեզ իւղով օծեցի։ Քեզի ասեղնագործուած հանդերձ հագցուցի Ու քեզի թէհաշի մորթէ շինուած մուճակներ հագցուցի։ Քու մէջքդ բեհեզէ գօտի կապեցի Ու քեզ մետաքսներով ծածկեցի։ Քեզ զարդերով զարդարեցի, Ձեռքերուդ վրայ ապարանջաններ դրի Եւ պարանոցէդ մանեակ կախեցի։ Քու քթիդ՝ օղակ, Ականջներուդ՝ գինտեր, Գլխուդ պարծանքի պսակ դրի։ Դուն ոսկիով ու արծաթով զարդարուեցար Ու քու հանդերձներդ բեհեզ, մետաքս ու ասեղնագործուած էին։ Նաշիհ ու մեղր ու իւղ կերար, Խիստ շատ գեղեցկացար Ու թագաւորութեան հասար։ Քու գեղեցկութեանդ համար քու անունդ ազգերուն մէջ տարածուեցաւ, Վասն զի կատարեալ եղար այն վայելչութեամբ, Որ քեզի շնորհած էի», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Բայց դուն քու անուանդ պատճառով Եւ քու գեղեցկութեանդ ապաւինելով՝ շնութիւն ըրիր։ Քու պոռնկութիւնդ ամէն անցնողի առջեւ թափեցիր եւ ինքզինքդ անոր յանձնեցիր։ Քու հանդերձներէդ առիր, Քեզի գոյնզգոյն զարդերով բարձր տեղեր շինեցիր, Անոնց վրայ շնութիւն ըրիր, Որոնց նմանը չեղաւ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ Իմ քեզի տուած ոսկիէս ու արծաթէս Քու թանկագին զարդերդ առիր, Քեզի այր մարդու պատկերներ շինեցիր Եւ անոնցմով պոռնկացար։ Քու ասեղնագործ հանդերձներդ առնելով՝ Զանոնք ծածկեցիր Ու իմ իւղս ու խունկս անոնց առջեւ դրիր։ Քեզի տուած հացս, Քեզի կերցուցած նաշիհս, իւղս ու մեղրս ալ Անոնց առջեւ դրիր անոյշ հոտի համար», Կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Ինծի համար ծնած տղաքներդ ու աղջիկներդ առիր, Զանոնք կերակուրի համար զոհ ըրիր անոնց։ Այս քու պոռնկութիւնդ քի՞չ բան է, Որ իմ տղաքներս մորթեցիր, Զանոնք անոնց տուիր՝ կրակէ անցընելով։ Քու բոլոր պղծութիւններուդ ու պոռնկութիւններուդ մէջ Քու մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր, Երբ մերկ ու անծածկոյթ Եւ քու արեանդ մէջ թաղուած էիր։ «Այս բոլոր չարութիւններէդ ետքը (Վա՜յ քեզի, վա՜յ քեզի, կ’ըսէ Տէր Եհովան), Դուն քեզի հանրատուն ալ շինեցիր, Ամէն հրապարակի մէջ քեզի բարձր տեղ շինեցիր։ Ամէն ճամբու գլուխ քեզի բարձր տեղեր շինեցիր, Քու գեղեցկութիւնդ զզուելի ըրիր, Ամէն անցնողի քու ոտքերդ բացիր, Քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։ Եւ քու հեշտասէր սահմանակիցներուդ՝ Եգիպտոսի որդիներուն՝ հետ պոռնկութիւն ըրիր Ու զիս սրդողցնելու համար քու պոռնկութիւններդ շատցուցիր։ Ուստի իմ ձեռքս քու վրադ երկնցուցի, Քու ռոճիկդ պակսեցուցի, Քեզ քու թշնամիներուդ, Փղշտացիներուն կամքին յանձնեցի, Որոնք քու անհամեստ վարմունքէդ ամչցան։ Դուն չկշտանալով՝ Ասորեստանի որդիներուն հետ ալ պոռնկութիւն ըրիր, Սակայն նորէն չկշտացար։ Քանանացիներու երկրէն մինչեւ Քաղդէացիներու երկիրը Քու պոռնկութիւնդ շատցուցիր, Բայց ասով ալ չկշտացար։ «Քու սիրտդ որչա՜փ տկար է, կ’ըսէ Տէր Եհովան, Որ այս ամէն բաները ըրիր, Անամօթ, պոռնիկ կնոջ պէս։ Ամէն ճամբու գլուխ հանրատուն շինեցիր, Քեզի ամէն հրապարակի մէջ բարձր տեղ ըրիր։ Վարձքը անարգելով՝ պոռնիկ կնոջ պէս չեղար, Հապա այն շնութիւն ընող կնոջ պէս եղար, Որ իր էրկանը տեղ օտարներ կ’առնէ։ Բոլոր հանրակիներուն վարձք կու տան, Բայց դուն բոլոր հոմանիներուդ քու վարձքերդ կու տաս։ Այո՛, կաշառք կու տաս անոնց, որպէս զի ամէն կողմէ քեզի գան Քեզի հետ պոռնկութիւն ընելու համար։ Քու պոռնկութիւններուդ մէջ կիներուն եղածին ներհակը կ’ըլլայ քեզի, Վասն զի պոռնկութեան համար քու ետեւէդ եկող մարդ չկայ։ Քու վարձքդ տալով եւ ուրիշէն վարձք չառնելով՝ Դուն ուրիշներուն ներհակը եղար։ «Ասոր համար, ո՛վ պոռնիկ, Տէրոջը խօսքը լսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու նախատինքդ տարածուեցաւ, Քու պոռնկութիւններովդ մերկութիւնդ Քու հոմանիներուդ ու բոլոր գարշելի կուռքերուդ յայտնուեցաւ, Անոնց նուիրած տղոցդ արիւնը թափուեցաւ, Անոր համար ահա ես պիտի հաւաքեմ քու բոլոր հոմանիներդ, Որոնց դուն հաճոյ եղար, Բոլոր անոնք, որ սիրեցիր ու բոլոր անոնք, որ ատեցիր. Զանոնք ամէն կողմէ քու վրադ պիտի հաւաքեմ, Քու մերկութիւնդ անոնց պիտի բանամ Եւ անոնք քու մերկութիւնդ պիտի տեսնեն։ Քեզ պիտի դատեմ Շնութիւն ընող եւ արիւն թափող կիներուն դատաստանովը Ու քեզի բարկութեամբ ու նախանձով արեան վճիռ պիտի տամ։ Քեզ անոնց ձեռքը պիտի տամ, Քու հանրատունդ պիտի փլցնեն, Քու բարձր տեղերդ պիտի աւերեն. Քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն, Քու թանկագին զարդերդ պիտի առնեն, Քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն։ Քու վրադ բազմութիւն մը ոտքի պիտի հանեն, Քեզ պիտի քարկոծեն, Իրենց սուրերովը պիտի խոցոտեն, Քու տուներդ կրակով պիտի այրեն, Շատ կիներու առջեւ քու վրադ դատաստանական վճիռներ պիտի գործադրեն. Քեզ պոռնկութիւն ընելէ պիտի դադրեցնեմ Ու անգամ մըն ալ վարձք պիտի չտաս։ Այսպէս պիտի դադրեցնեմ բարկութիւնս, որ քեզի դէմ է. Իմ նախանձս քեզմէ պիտի վերնայ, Պիտի հանդարտիմ ու ա՛լ պիտի չբարկանամ։ Որովհետեւ դուն քու մանկութեանդ օրերը չյիշեցիր, Հապա այս բոլոր բաներով զիս սրդողցուցիր, Անոր համար ահա ես ալ քու գործերդ քու գլուխդ պիտի բերեմ, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Դուն քու բոլոր պղծութիւններուդ վրայ Այս անառակութիւնը պիտի չաւելցնես։ «Ահա ամէն ով որ առակ կը գործածէ, Քու վրադ ալ առակ պիտի շինէ՝ ըսելով. ‘Ինչպէս է մայրը, աղջիկն ալ այնպէս է ’։ Դուն քու մօրդ աղջիկն ես, Որ իր ամուսինէն ու տղաքներէն զզուեցաւ Եւ քու քոյրերուդ քոյրն ես, Որոնք իրենց ամուսիններէն ու տղաքներէն զզուեցան։ Ձեր մայրը Քետացի ու ձեր հայրը Ամօրհացի է։ Քու մեծ քոյրդ Սամարիան է, Որ իր աղջիկներովը քու ձախ կողմդ կը բնակի։ Քեզմէ պզտիկ քոյրդ Սոդոմն է, Որ իր աղջիկներովը քու աջ կողմդ կը բնակի։ Դուն անոնց ճամբաներուն մէջ չքալեցիր, Անոնց պղծութիւններուն պէս չըրիր. Հապա որպէս թէ անոնց ըրածը պզտիկ ու չնչին էր, Դուն քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ անոնցմէ աւելի ապականեցար։ Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, Որ քու քոյրդ Սոդոմը, ինք ու իր աղջիկները, այնպէս չըրին, Ինչպէս դուն ու քու աղջիկներդ ըրիք։ Ահա քու քրոջդ Սոդոմին անօրէնութիւնը այս էր։ Անիկա իր աղջիկներովը Հպարտութիւն, հացի կշտութիւն ու անհոգ հանգստութիւն ունեցաւ, Բայց աղքատին ու տնանկին չօգնեցին։ Հպարտացան եւ իմ առջեւս պղծութիւն ըրին։ Զանոնք տեսածիս պէս մէկդի տարի։ Սամարիան քու մեղքերուդ կէսին չափ մեղք չգործեց։ Դուն քու պղծութիւններդ անոնց պղծութիւններէն աւելի շատցուցիր։ Քու ըրած բոլոր պղծութիւններովդ Քու քոյրերդ արդարացուցիր։ Ու դուն, որ քու քոյրերդ դատապարտեցիր, Քու անարգանքդ կրէ քու մեղքերուդ համար, քանի որ Դուն անոնցմէ աւելի պղծութիւն ըրիր։ Անոնք քեզմէ արդար են, Իսկ դուն՝ քոյրերդ արդարացնելուդ համար՝ Ամչցիր ու քու անարգանքդ կրէ։ «Ու ես պիտի վերահաստատեմ անոնց գերութիւնը, Սոդոմին ու անոր աղջիկներուն գերութիւնը, Սամարիային ու անոր աղջիկներուն գերութիւնը. Անոնց հետ քու գերութիւնդ ալ պիտի հաստատեմ, Որպէս զի քու անարգանքդ կրես Ու ամէն ըրածէդ ամչնաս՝ Անոնց մխիթարութիւն ըլլալու համար։ Քու քոյրերդ Սոդոմն ու անոր աղջիկները Իրենց առաջուան վիճակին պիտի դառնան։ Սամարիան ու անոր աղջիկներն ալ Իրենց առաջուան վիճակին պիտի դառնան Եւ դուն ու քու աղջիկներդ ալ Ձեր առաջուան վիճակին պիտի դառնաք։ Վասն զի քու հպարտութեանդ օրը Քու քրոջդ Սոդոմին մասին բան մը չըսիր, Քանի որ դեռ քու չարութիւնդ յայտնուած չէր, Ինչպէս հիմա յայտնուեցաւ ՝ երբ Ասորիներու աղջիկներուն առջեւ Ու անոնց բոլորտիքը եղող բոլոր Փղշտացիներուն աղջիկներուն առջեւ մեղադրանքի առարկայ եղար։ Անոնք ամէն կողմէ քեզ նախատեցին։ Քու անառակութիւններուդ եւ պղծութիւններուդ պատիժը Դուն կրեցիր, կ’ըսէ Տէրը։ «Ահա Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. Քու ըրածիդ համեմատ պիտի ընեմ քեզի, Քանի որ երդումը անարգեցիր եւ ուխտը աւրեցիր։ Բայց ես քու մանկութեանդ օրերը քեզի հետ ըրած ուխտս պիտի յիշեմ, Քեզի հետ յաւիտենական ուխտ պիտի հաստատեմ. Այն ատեն դուն քու ճամբաներդ պիտի յիշես Ու պիտի ամչնաս՝ երբ ընդունիս քեզմէ մեծ եւ քեզմէ պզտիկ քոյրերդ, Երբ զանոնք քեզի աղջիկներու տեղ տամ, Բայց ո՛չ թէ քու ուխտովդ, Հապա իմ ուխտս պիտի հաստատեմ Եւ պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը. Որպէս զի յիշես ու ամչնաս Եւ ամչնալուդ պատճառով այլեւս բերանդ չբանաս։ Այն ատեն ես ալ Քու ըրած բոլոր գործերուդ համար Քեզի քաւութիւն պիտի ընեմ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը հանելուկ մը առաջարկէ ու առակ մը պատմէ Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Մեծ արծիւ մը՝ մեծ թեւերով, երկայն փետուրներով ու գոյնզգոյն բարակ փետուրներով լեցուն՝ Լիբանան եկաւ ու եղեւինին ամենաբարձր ճիւղը առաւ։ Անոր ընձիւղներուն ծայրը փրցուց եւ զանիկա վաճառականի երկիր մը տարաւ ու զանիկա վաճառականներու քաղաքը դրաւ։ Այն երկրին հունտէն ալ առաւ ու զանիկա բարեբեր արտի մը մէջ դրաւ. զանիկա շատ ջուրերու քով տարաւ, ուռիի պէս դրաւ։ Եւ անիկա աճեցաւ ու տարածուած՝ կարճահասակ որթատունկ մը եղաւ. այնպէս որ անոր ոստերը դէպի վեր արծիւին կը նայէին ու արմատները գետնին մէջ մնացին ու անիկա մեծ որթատունկ մը եղաւ, ոստեր ու ընձիւղներ արձակեց։ «Հոն ուրիշ մեծաթեւ ու բազմափետուր արծիւ մըն ալ կար։ Որթատունկը իր արմատները դէպի երկրորդը ծռեց ու ոստերը անոր երկնցուց, որպէս զի իր տնկած ածուներովը զինք ոռոգէ։ Անիկա բարեբեր արտի մէջ ջուրերու քով տնկուեցաւ, որպէս զի ոստեր արձակէ եւ պտուղ բերէ ու ազնիւ որթատունկ ըլլայ։ Ըսէ՛ անոր, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Արդեօք անիկա պիտի ուռճանա՞յ։ Միթէ այն առաջին արծիւը անոր արմատները պիտի չխլէ՞ ու անոր պտուղը պիտի չփրցնէ՞, որպէս զի չորցնէ։ Անոր բոլոր բուսած տերեւները պիտի չորնան եւ առանց մեծ բազուկի ու շատ ժողովուրդի զանիկա արմատէն պիտի խլէ։ Ահա թէեւ տնկուեցաւ, միթէ պիտի յաջողի՞. չէ՞ որ արեւելեան հովը անոր դպածին պէս բոլորովին պիտի չորնայ։ Անիկա իր բուսած ածուներուն մէջ պիտի չորնայ’»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Հիմա ապստամբներուն տանը ըսէ. ‘Ասոնց ինչ ըլլալը չէ՞ք գիտեր’. ըսէ թէ ‘Ահա Բաբելոնի թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ, անոր թագաւորն ու իշխանները առաւ ու զանոնք իր քով Բաբելոն տարաւ Թագաւորին սերունդէն մէկը առնելով՝ անոր հետ ուխտ ըրաւ ու անոր երդում ընել տուաւ։ Նաեւ երկրին զօրաւորները առաւ, Որպէս զի թագաւորութիւնը ցած ըլլայ ու չկրնայ զինք բարձրացնել եւ իր ուխտը պահելով՝ անոր վրայ հաստատ կենայ’։ Բայց անիկա անոր դէմ ապստամբեցաւ ու Եգիպտոս դեսպաններ ղրկեց, որպէս զի իրեն ձիեր ու զօրքեր տան։ Միթէ անիկա յաջողութիւն պիտի գտնէ՞։ Այս բաները ընողը պիտի ազատի՞ կամ թէ ուխտը աւրելով պիտի ազատի՞։ Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ անիկա անշուշտ այն թագաւորին բնակած տեղը, որ զինք թագաւոր ըրեր էր, որուն երդումը անարգեր էր, անոր ուխտը աւրեր էր, ան Բաբելոնի մէջ պիտի մեռնի։ Փարաւոն մեծ զօրքով ու շատ բազմութիւնով պատերազմի մէջ անոր համար բա՛ն մը պիտի չընէ, երբ պատնէշներ կանգնեցնեն ու մարտկոցներ շինեն շատ հոգիներ կոտորելու համար։ Վասն զի անիկա երդումը անարգեց եւ ուխտը աւրեց։ Ահա անիկա իր ձեռքը տալէն ետքը՝ այս ամէն բաները ընելուն համար պիտի չազատի։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կենդանի եմ, որ անշուշտ անոր գլուխը պիտի դարձնեմ իմ երդումս, որ անիկա անարգեց ու իմ ուխտս, որ աւրեց. Անոր վրայ իմ ցանցս պիտի տարածեմ ու անիկա իմ որոգայթիս մէջ պիտի բռնուի։ Զանիկա Բաբելոն պիտի տանիմ, ուր անոր հետ դատ պիտի վարեմ, ինծի դէմ ըրած յանցանքին համար։ Անոր բոլոր փախստականները եւ բոլոր զօրքերը սուրով պիտի իյնան, անոր մնացորդները ամէն հովերու պիտի ցրուին։ Ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ’»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ես ալ բարձր եղեւինին ամենաբարձր ճիւղէն պիտի առնեմ ու պիտի տնկեմ. անոր ընձիւղներուն ծայրէն մատղաշը պիտի փրցնեմ ու բարձր ու վերացած լերան մը վրայ պիտի տնկեմ. Զանիկա Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ պիտի տնկեմ։ Անիկա ոստեր պիտի արձակէ ու պտուղ պիտի տայ ու ազնիւ եղեւին պիտի ըլլայ։ Անոր տակ ամէն տեսակ թեւ ունեցող թռչուններ պիտի նստին, անոր ոստերուն հովանիին տակ պիտի բնակին։ Դաշտի բոլոր ծառերը պիտի գիտնան՝ թէ ես՝ Տէրս՝ բարձր ծառը ցածցուցի ու ցած ծառը բարձրացուցի։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Ի՞նչ իմաստ ունի այն առածը, որ դուք Իսրայէլի երկրին մէջ ըսիք՝ ‘Հայրերը ազոխ կերան ու որդիներուն ակռաները առին’։ Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ Իսրայէլի մէջ այս առածը անգամ մըն ալ պիտի չըսէք։ Ահա բոլոր հոգիները իմս են. ինչպէս հօրը հոգին՝ նոյնպէս որդիին հոգին իմս է։ Այն անձը, որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ Իսկ եթէ մարդ մը արդար ըլլայ, իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, Լեռներու վրայ չուտէ ու աչքերը դէպի Իսրայէլի տանը կուռքերը չվերցնէ ու իր դրացիին կինը չպղծէ եւ իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ չմօտենայ Ու մարդո՛ւ մը զրկանք չընէ ու պարտականին գրաւը ետ տայ, բռնութեամբ բան մը չյափշտակէ եւ իր հացը անօթիին տայ ու մերկը հանդերձով ծածկէ, Ստակը վաշխով չտայ ու տոկոս չառնէ, իր ձեռքը անօրէնութենէ ետ պահէ, երկու մարդու մէջ ուղիղ դատաստան տեսնէ, Ճշմարտութիւն ընելով՝ իմ օրէնքներուս մէջ քալէ ու իմ իրաւունքներս պահէ. անիկա արդար է, անշո՛ւշտ պիտի ապրի», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Բայց եթէ անիկա անիրաւ ու արիւնահեղ որդի մը ծնանի, որ ասոնց պէս բան մը չընէ, Այսինքն՝ եթէ անիկա այն ամէն աղէկ բաները չընէ, հապա լեռներու վրայ ուտէ ու իր դրացիին կինը պղծէ, Աղքատին ու տնանկին զրկանք ընէ, բռնութեամբ բան մը յափշտակէ, գրաւը ետ չտայ ու իր աչքերը կուռքերուն վերցնելով՝ պղծութիւն գործէ, Վաշխով ստակ տայ ու տոկոս առնէ. անիկա պիտի ապրի՞։ Ո՛չ, պիտի չապրի. անիկա այս բոլոր գարշութիւնները ընելուն համար՝ անշո՛ւշտ պիտի մեռնի. անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ»։ « Եթէ անիկա որդի ծնանի ու անիկա իր հօրը ըրած բոլոր մեղքերը տեսնելով՝ վախնայ ու անոնց պէս չընէ, Լեռներու վրայ չուտէ ու իր աչքերը դէպի Իսրայէլի տանը կուռքերը չվերցնէ, իր դրացիին կինը չպղծէ Եւ մարդո՛ւ մը զրկանք չընէ, գրաւը չպահէ ու բռնութեամբ բան մը չյափաշտակէ, իր հացը անօթիին տայ ու մերկը հանդերձով ծածկէ, Աղքատին անիրաւութիւն ընելէն իր ձեռքը ետ քաշէ, վաշխ ու տոկոս չառնէ, իմ դատաստաններս գործադրէ ու իմ օրէնքներուս մէջ քալէ. անիկա իր հօրը անօրէնութեանը համար պիտի չմեռնի, անիկա անշո՛ւշտ պիտի ապրի։ Բայց անոր հայրը, քանի որ զրկանք ըրաւ ու իր եղբօրմէն բռնութեամբ բան մը յափշտակեց եւ աղէկ չեղածը ըրաւ իր ժողովուրդին մէջ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի»։ «Դուք կ’ըսէք թէ ‘Ինչո՞ւ համար որդին իր հօրը անօրէնութիւնը չի կրեր’։ Որովհետեւ որդին իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ եւ իմ բոլոր օրէնքներս պահեց ու զանոնք գործադրեց, անշուշտ պիտի ապրի։ Այն անձը որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի։ Որդին հօրը անօրէնութիւնը պիտի չկրէ ու հայրը որդիին անօրէնութիւնը պիտի չկրէ։ Արդարին արդարութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ։ Եթէ ամբարիշտը իր գործած բոլոր մեղքերէն դառնայ ու իմ բոլոր օրէնքներս պահէ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։ Անոր ըրած բոլոր յանցանքները պիտի չյիշուին, հապա անիկա իր ըրած արդարութիւնովը պիտի ապրի։ Միթէ ես ամբարշտին մեռնիլը կ’ուզե՞մ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Չէ՞ որ ես կ’ուզեմ որ անիկա իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ Բայց եթէ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու ամբարշտին ըրած բոլոր գարշութիւններուն պէս անօրէնութիւն ընէ, պիտի ապրի՞։ Անոր ըրած արդար գործերէն մէկը պիտի չյիշուի. անիկա իր ըրած յանցանքին ու գործած մեղքին համար պիտի մեռնի»։ «Դուք կ’ըսէք թէ՝ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Հիմա մտիկ ըրէք, ո՛վ Իսրայէլի տուն, միթէ ի՞մ ճամբաս ուղիղ չէ։ Չէ՞ որ ձեր ճամբան ուղիղ չէ։ Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ եւ անոր մէջ մեռնի, անիկա իր ըրած անօրէնութեանը համար կը մեռնի։ Երբ ամբարիշտը իր ըրած ամբարշտութենէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա իր անձը պիտի ապրեցնէ։ Որովհետեւ անիկա արթնցաւ ու իր բոլոր յանցանքներէն ետ դարձաւ, ուստի անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի»։ «Բայց Իսրայէլի տունը կ’ըսէ թէ՝ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Ո՛վ Իսրայէլի տուն, միթէ ի՞մ ճամբաներս ուղիղ չեն։ Չէ՞ որ ձեր ճամբաները ուղիղ չեն։ Անոր համար, ո՛վ Իսրայէլի տուն, ձեզմէ ամէն մէկը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի դատեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Դարձի եկէ՛ք ու ձեր բոլոր յանցանքներէն ետ դարձէ՛ք, որպէս զի անօրէնութիւնը ձեր կորուստին պատճառ՝ ՝ չըլլայ։ Ձեր ըրած բոլոր յանցանքները ձեր վրայէն նետեցէ՛ք եւ ձեզի նոր սիրտ ու նոր հոգի ստացէք։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ Վասն զի մեռնողին մեռնիլը չեմ ուզեր, կ’ըսէ Տէր Եհովան, ուստի դարձէ՛ք ու ապրեցէ՛ք»։ Եւ դո՛ւն, Իսրայէլի իշխաններուն վրայ ողբա՛ Ու ըսէ՛. «Քու մայրդ մատակ առիւծ մըն է, Որ առիւծներու մէջ կը պառկի Ու իր կորիւնները առոյգ առիւծներու մէջ կը մեծցնէ։ Անիկա իր կորիւններէն մէկը մեծցուց, Որը առոյգ առիւծ եղաւ Եւ յափշտակութիւն ընել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր։ Անոր դէմ ազգերը ահազանգ հնչեցուցին։ Անիկա անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։ Զանիկա կարթերով Եգիպտոս տարին։ Երբ մայրը տեսաւ թէ պարապ տեղ սպասեր է եւ ի զուր յուսացած է, Իր կորիւններէն ուրիշ մը առաւ Ու զանիկա առոյգ առիւծ մը ըրաւ։ Անիկա առիւծներու մէջ պտըտող առոյգ առիւծ մը եղաւ, Յափշտակել սորվեցաւ ու մարդ կ’ուտէր։ Անոնց ամրոցները աւերեց, Անոնց քաղաքները կործանեց։ Անոր մռնչիւնէն Երկիրը ամբողջութեամբ սարսափեցաւ։ Շրջակայ գաւառներէն անոր վրայ ազգեր ելան, Անոր դէմ իրենց ցանցը լարեցին։ Անոնց փոսին մէջ բռնուեցաւ։ Զանիկա կարթերով վանդակի մէջ դրին, Զանիկա Բաբելոնի թագաւորին տարին, Զանիկա բերդը դրին, Որպէս զի անոր ձայնը անգամ մըն ալ Իսրայէլի լեռներուն վրայ չլսուի։ Քու մայրդ քու նմանութիւնովդ՝ ջուրերու քով տնկուած որթատունկի պէս է, Որ շատ ջուրերու պատճառով՝ պտղատու ոստերով լեցուեցաւ։ Անիկա զօրաւոր ճիւղեր ունեցաւ իշխաններու գաւազաններու համար։ Իր հասակը խիտ ճիւղերուն մէջէն բարձրացաւ, Իր բարձրութիւնովն ու բարունակներուն շատութիւնովը երեւցաւ։ Բայց անիկա բարկութեամբ խլուեցաւ ու գետինը ձգուեցաւ Եւ արեւելեան հովը անոր պտուղը չորցուց։ Անոր զօրաւոր ճիւղերը կոտրեցան ու չորցան Եւ զանոնք կրակը կերաւ։ Հիմա անապատի մէջ Չոր ու անջուր տեղ մը տնկուեցաւ։ Անոր ոստերուն մէկ կօթունէն կրակ ելաւ, Անոր պտուղը կերաւ։ Անոր վրայ իշխանի գաւազանի համար զօրաւոր ճիւղ չմնաց։ Ասիկա ողբալի պիտի ըլլայ»։ Եօթներորդ տարուան, հինգերորդ ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջը հարցնելու համար Իսրայէլի ծերերէն մարդիկ եկան եւ իմ առջեւս նստան։ Ու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի ծերերուն հետ խօսէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Միթէ դուք ինծի հարցնելո՞ւ եկաք։ Ես կենդանի եմ, որ ձեզի պատասխան պիտի չտամ’։ Միթէ անոնց դատաստան պիտի ընե՞ս, որդի՛ մարդոյ։ Այն ատեն անոնց հայրերուն պղծութիւնները անոնց գիտցուր Ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը որ Իսրայէլը ընտրեցի եւ Յակոբին տանը սերունդին իմ ձեռքս վերցուցի՝ ՝ ու Եգիպտոսի մէջ անոնց յայտնուեցայ, իմ ձեռքս անոնց վերցնելով՝ ըսի թէ «Ձեր Տէր Աստուածը ես եմ». Այն օրը իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք Եգիպտոսէն, այն կաթ ու մեղր բղխող ու ամէն երկիրներու պարծանքը եղող երկիրը հանեմ, որ անոնց համար պատրաստեր էի՝ ՝ Ու անոնց ըսի. «Ամէն մարդ իր աչքերուն գարշութիւնները թող մէկդի ձգէ ու Եգիպտոսի կուռքերովը չպղծուի. ես եմ ձեր Տէր Աստուածը»’»։ «Բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան եւ չուզեցին ինծի մտիկ ընել, մէկդի չձգեցին իրենց աչքերուն գարշութիւնները ու Եգիպտոսի կուռքերը չթողուցին։ Այն ատեն ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ ու Եգիպտոսի մէջ անոնց պիտի բարկանամ։ Բայց ես իմ անուանս համար ըրի, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն առջեւ՝ որոնց մէջ անոնք կը գտնուէին եւ որոնց առջեւ ես անոնց յայտնուեցայ, երբ զանոնք Եգիպտոսէն հանեցի։ Զանոնք Եգիպտոսէն հանեցի անապատը տարի Եւ իմ օրէնքներս անոնց տուի ու իմ դատաստաններս անոնց գիտցուցի, որոնցմով մարդ կ’ապրի, եթէ զանոնք կատարէ։ Իմ շաբաթներս ալ անոնց տուի, որպէս զի իմ ու անոնց մէջտեղ նշան ըլլան, որպէս զի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, որ զիրենք կը սրբեմ։ «Բայց Իսրայէլի տունը անապատին մէջ ինծի դէմ ապստամբեցաւ։ Իմ օրէնքներովս չքալեցին ու իմ դատաստաններս մերժեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի եթէ զանոնք կատարէ։ Իմ շաբաթներս պղծեցին. անոր համար ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ անապատին մէջ ու զանոնք պիտի սպառեմ։ Ասիկա ես ըրի իմ անուանս համար, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն մէջ, որոնց առջեւ զանոնք հանեցի։ Անապատին մէջ որոշեցի զանոնք չտանիլ այն երկիրը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի եւ ամէն երկիրներուն պարծանքը եղող երկիրը, որ անոնց տուեր էի։ Քանզի իմ դատաստաններս մերժեցին, իմ օրէնքներովս չքալեցին, իմ շաբաթներս պղծեցին. վասն զի անոնց սիրտը իրենց կուռքերուն ետեւէն կ’երթար։ Բայց իմ աչքս անոնց խնայեց, որ զանոնք չկորսնցնեմ. ուստի անապատին մէջ զանոնք չսպառեցի։ «Անապատին մէջ անոնց որդիներուն ըսի. ‘Ձեր հայրերուն կանոններովը մի՛ քալէք ու անոնց սովորութիւնները մի՛ պահէք եւ անոնց կուռքերովը մի՛ պղծուիք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը։ Իմ օրէնքներովս քալեցէ՛ք, Իմ շաբաթներս սուրբ պահեցէ՛ք։ Անոնք իմ ու ձեր մէջտեղ նշան ըլլան. որպէս զի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։ «Բայց անոնց որդիներն ալ ինծի դէմ ապստամբեցան. իմ օրէնքներովս չքալեցին ու իմ կանոններս պահել չմտածեցին, որոնցմով մարդ կ’ապրի՝ եթէ զանոնք կատարէ, իմ շաբաթներս պղծեցին։ Ուստի ըսի թէ իմ սրտմտութիւնս անոնց վրայ պիտի թափեմ, անապատին մէջ իմ բարկութիւնս անոնց վրայ պիտի բորբոքի։ Սակայն իմ ձեռքս ետ քաշեցի ու ասիկա ըրի իմ անուանս համար, որ չըլլայ թէ պղծուի այն ազգերուն առջեւ, որոնց առջեւ զանոնք հանեցի։ «Անապատին մէջ իմ ձեռքս անոնց վերցուցի, որ զանոնք ազգերու մէջ ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան ընեմ։ Վասն զի իմ դատաստաններս չգործադրեցին ու իմ օրէնքներս մերժեցին եւ իմ շաբաթներս պղծեցին ու իրենց աչքերը իրենց հայրերուն կուռքերուն ետեւէն եղան։ Ուստի ես ալ այնպիսի օրէնքներ տուի անոնց՝ որ օգտակար չէին ու այնպիսի կարգադրութիւններ՝ որոնցմով չէին կրնար ապրիլ։ Զանոնք իրենց ընծաներովը պղծեցի, զանոնք թող տալով որ ամէն արգանդ բացողը կրակէ անցընեն, որպէս զի զանոնք կորսնցնեմ, որպէս զի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ «Անոր համար, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը խօսէ՛ ու անոնց ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր հայրերը ասով ալ ինծի դէմ յանցանք ընելով՝ զիս նախատեցին։ Վասն զի երբ զանոնք տարի այն երկիրը, որ անոնց տալու համար ձեռքս վերցուցեր էի, ամէն բարձր բլուր ու ամէն տերեւախիտ ծառ տեսնելով՝ իրենց զոհերը հոն մատուցանեցին, իրենց գրգռիչ ընծաները հոն ներկայացուցին, իրենց անուշահոտ խունկերը հոն ծխեցին եւ իրենց ըմպելի նուէրները հոն մատուցանեցին»։ (Անոնց ըսի. ‘Ի՞նչ է այդ բարձր տեղը, ուր դուք կ’երթաք, որուն անունը մինչեւ այսօր Բարձր տեղ կը կոչուի’)։ «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուք ձեր հայրերուն հետեւելով պոռնկութիւն կ’ընէք Եւ ձեր ընծաները մատուցանելով ու ձեր տղաքը կրակէ անցընելով, ձեր բոլոր կուռքերով կը պղծուիք. միթէ ես ձեզի պատասխան պիտի տա՞մ, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ Ես կենդանի եմ, որ ձեզի պատասխան պիտի չտամ’»։ «Ձեր սրտին խորհուրդը ամենեւին պիտի չկատարուի, որ կ’ըսէք թէ ‘Մենք փայտ ու քար պաշտելով, հեթանոսներուն պէս, երկիրներուն ազգատոհմերուն պէս պիտի ըլլանք’»։ «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Անշուշտ ձեր վրայ զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով ու թափուած բարկութիւնով թագաւորութիւն պիտի ընեմ։ Զօրաւոր ձեռքով ու երկնցած բազուկով եւ թափուած բարկութիւնով ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հանեմ ու ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝ ուր դուք ցրուեցաք։ Ձեզ ազգերուն անապատը պիտի տանիմ ու հոն ձեզի հետ երես երեսի դատ պիտի վարեմ։ Ինչպէս Եգիպտոսի երկրին անապատին մէջ ձեր հայրերուն հետ դատ վարեցի, այնպէս ալ ձեզի հետ դատ պիտի վարեմ, Ձեզ գաւազանի տակէն պիտի անցընեմ ու ձեզ ուխտին կապին տակ պիտի մտցնեմ։ Ապստամբներն ու ինծի դէմ յանցաւոր եղողները ձեզմէ պիտի զատեմ. զանոնք իրենց պանդխտութեան երկրէն պիտի հանեմ։ Անոնք Իսրայէլի երկիրը պիտի չմտնէն։ Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ «Դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Գացէ՛ք, այսուհետեւ ամէն մէկդ ձեր կուռքերուն ծառայութիւն ըրէք, քանի որ դուք ինծի մտիկ չէք ըներ. բայց իմ սուրբ անունս ձեր ընծաներովն ու ձեր կուռքերովը մի՛ պղծէք։ Վասն զի իմ սուրբ լերանս վրայ, Իսրայէլի բարձր լերանը վրայ, բոլոր Իսրայէլի տունը՝ ամէնքը իրենց երկրին մէջ ըլլալով՝ հոն ինծի ծառայութիւն պիտի ընեն։ Հոն անոնց պիտի հաճիմ եւ ձեր պատարագներն ու ձեր ընծաներուն երախայրիները ձեր բոլոր սուրբ բաներովը՝ հոն պիտի փնտռեմ։ Երբ ձեզ ազգերէն հանեմ ու ձեզ հաւաքեմ այն երկիրներէն, ուր դուք ցրուած էք, անուշահոտ խունկով ձեզի պիտի հաճիմ եւ ձեր մէջ ազգերուն աչքերուն առջեւ սուրբ պիտի ըլլամ։ Երբ ձեզ Իսրայէլի երկիրը տանիմ, այսինքն այն երկիրը որ ձեր հայրերուն խոստացայ, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ Հոն պիտի յիշէք ձեր ճամբաները ու ձեր բոլոր գործերը՝ որոնցմով պղծուեցաք եւ ձեր ըրած բոլոր չարութիւններուն համար դուք ձեզմէ պիտի զզուիք։ Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը, երբ ձեզի այսպէս ընեմ իմ անուանս համար եւ ո՛չ թէ ձեր ճամբաներուն ու ձեր ապականուած վարմունքին համեմատ, ո՛վ Իսրայէլի տուն, կ’ըսէ Տէր Եհովան’»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի հարաւ դարձուր ու դէպի հարաւ խօսէ ու հարաւային դաշտին անտառին վրայ մարգարէութիւն ըրէ Եւ հարաւային անտառին ըսէ՛, Տէրոջը խօսքը լսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քու մէջդ կրակ պիտի վառեմ, որը քու մէջդ եղած ամէն կանանչ ծառ ու ամէն չոր ծառ պիտի ուտէ։ Բռնկած բոցը պիտի չմարի ու անով հարաւէն մինչեւ հիւսիս բոլոր կողմերը պիտի այրին։ Եւ ամէն մարմին պիտի տեսնէ թէ ես՝ Տէրս՝ զանիկա վառեցի։ Անիկա պիտի չմարի’»։ Այն ատեն ես ըսի. «Ո՜հ, Տէր Եհովա, անոնք ինծի համար կ’ըսեն. ‘Չէ՞ որ ասիկա այլաբանութիւններով կը խօսի’»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի Երուսաղէմ դարձո՛ւր ու սուրբ տեղերուն խօսէ՛ ու Իսրայէլի երկրին մարգարէութիւն ըրէ՛ Եւ Իսրայէլի երկրին ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ ու իմ սուրս իր պատեանէն պիտի հանեմ եւ արդարն ու ամբարիշտը քեզմէ դուրս պիտի տանիմ։ Քանի որ արդարն ու ամբարիշտը քեզմէ դուրս պիտի տանիմ, անոր համար հարաւէն մինչեւ հիւսիս ամէն մարմնի դէմ իմ սուրս իր պատեանէն հաներ եմ եւ Ամէն մարմին պիտի գիտնայ թէ անգամ մըն ալ ետ պիտի չդարձնեմ։ Ու դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, հեծեծէ, կոտրած սրտով եւ դառնութեամբ անոնց աչքերուն առջեւ հեծեծէ՛։ Երբ քեզի հարցնեն թէ ‘Ինչո՞ւ կը հեծեծես’, այն ատեն ըսէ՛. ‘Գոյժին համար, վասն զի կու գայ եւ ամէն սիրտ պիտի հալի եւ ամէն ձեռք պիտի թուլնայ ու ամէն հոգի պիտի մարի եւ ամէն ծունկ ջուրի պէս պիտի ըլլայ. ահա կու գայ ու պիտի կատարուի’», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէացի՛ր ու ըսէ՛, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ըսէ թէ Սո՜ւրը, սո՜ւրը սրուեցաւ ու նաեւ սրբուեցաւ։ Մեծ կոտորած ընելու համար սրբուեցաւ։ Հիմա մենք ուրախանա՞նք։ Իմ որդիիս գաւազանը ամէն փայտ կ’անարգէ։ Բայց Ինք սրբուելու տուաւ զանիկա, որպէս զի ձեռքով բռնուի։ Այս սուրը սրուած է ու սրբուած է, որպէս զի զանիկա սպաննողին ձեռքը տայ։ Աղաղակէ՛ ու ողբա՛, որդի՛ մարդոյ, քանզի անիկա իմ ժողովուրդիս վրայ, Իսրայէլի բոլոր իշխաններուն վրայ պիտի ըլլայ. իմ ժողովուրդիս վրայ սուրի պատճառով վախեր պիտի ըլլան։ Անոր համար քու ազդրիդ զարկ, Վասն զի փորձ պիտի չըլլայ ու ի՞նչ պիտի ըլլայ երբ գաւազանը արհամարհես», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ մարգարէութիւն ըրէ ու ձեռքերդ իրարու զա՛րկ եւ սուրը, սպաննուածներուն սուրը, երեք անգամ թող կրկնուի. մեծամեծներուն, վիրաւորներուն սուրը ասիկա է, որ անոնց բոլորտիքը պաշարեց՝ ՝։ Իրենց սրտերուն նուաղելուն համար ու խոչերուն շատնալուն համար՝ անոնց բոլոր դռներուն վրայ սուրին վախը դրի։ Աւա՜ղ, անիկա փայլելու համար շինուեցաւ, մորթելու համար սրուեցաւ։ Ինքզինքդ հաւաքէ՛, զա՛րկ քու աջ կամ ձախ կողմդ, ուր որ երեսդ դարձած է։ Ես ալ ձեռքերս իրարու պիտի զարնեմ եւ իմ սրտմտութիւնս պիտի հատցնեմ, ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, դուն քեզի երկու ճամբայ պատրաստէ՛, որպէս զի Բաբելոնի թագաւորին սուրը գայ։ Անոնց երկուքն ալ մէկ երկրէ պիտի ելլեն։ Տեղ մը ընտրէ՛, քաղաքին ճամբուն գլուխը ընտրէ՛։ Ճամբայ պատրաստէ՛, որպէս զի սուրը գայ Ամմոնի որդիներուն Ռաբբային վրայ եւ Յուդայի մէջ եղող պարսպապատ Երուսաղէմին վրայ։ Վասն զի Բաբելոնի թագաւորը ճամբուն բաժանումին վրայ՝ երկու ճամբուն գլուխը կայնեցաւ, որպէս զի հմայութիւն ընէ։ Անիկա իր նետերը երերցուց, թերափիմներուն հարցուց. լեարդին նայեցաւ։ Անոր աջ ձեռքին մէջ հմայութիւն կար Երուսաղէմի համար, որպէս զի մեքենաներ դնեն, պատերազմի մէջ բերաննին բանան ու աղաղակով ձայն վերցնեն, դռներու դէմ մեքենաներ դնեն, հողաբլուր կանգնեցնեն ու մարտկոց շինեն։ Բայց ասիկա անոնց աչքերուն առջեւ սնոտի հմայութեան մը պէս պիտի ըլլայ, քանզի անոնք երդումներ ըրեր էին. բայց անիկա իրենց անօրէնութիւնը պիտի յիշեցնէ, որպէս զի բռնուին։ «Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուք ձեր անօրէնութիւնը յիշեցուցիք, երբ ձեր յանցանքները յայտնուեցան ու բոլոր գործերնուդ մէջ ձեր մեղքերը երեւցան, զանոնք յիշեցնելնուդ համար ձեռքով պիտի բռնուիք։ Եւ դո՛ւն, ո՛վ Իսրայէլի պիղծ ու ամբարիշտ իշխան, օրը հասեր է, քու անօրէնութեանդ վերջին պատիժին ժամանակը’։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Խոյրը վերցո՛ւր ու թագը հանէ՛. ասիկա այսպէս չըլլար. ցածը բարձրացո՛ւր ու բարձրը ցածցո՛ւր։ Զանիկա տակնուվրայ, տակնուվրայ, տակնուվրայ պիտի ընեմ ու ա՛լ պիտի չըլլայ, մինչեւ գայ անիկա՝ որուն իրաւունքն է։ Անոր պիտի տամ’»։ «Որդի՛ մարդոյ, մարգարէացի՛ր ու ըսէ, Ամմոնի որդիներուն համար ու անոնց նախատինքին համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Սուրը, սուրը քաշուած է, որ մորթելու համար սրբուած է, որպէս զի իր փայլատակումով հատցնէ, Երբ քեզի համար ունայն տեսիլքներ կը տեսնեն, սուտ հմայութիւններ կ’ընեն, որպէս զի ամբարիշտներուն պարանոցին վրայ բերեն, որոնց օրը հասեր է եւ անոնց անօրէնութեանը ժամանակին վախճանը. Զանիկա իր պատեանը դարձնե՞մ։ Քեզ քու ստեղծման տեղդ ու ծննդեանդ երկրին մէջ պիտի դատեմ։ Քու վրադ իմ բարկութիւնս պիտի թափեմ, քու վրադ իմ սրտմտութեանս կրակովը պիտի փչեմ ու քեզ բարբարոս մարդոց, ապականելու վարպետ եղողներուն ձեռքը պիտի տամ։ Հրոյ ճարակ պիտի ըլլաս, քու արիւնդ երկրին մէջտեղը պիտի ըլլայ, դուն պիտի չյիշուիս. վասն զի ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ’»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, այս արիւնահեղ քաղաքը պիտի դատե՞ս։ Ուրեմն անոր բոլոր պղծութիւնները իրեն գիտցուր Ու ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛վ քաղաք, որ քու մէջդ արիւն կը թափես, որպէս զի քու ժամանակդ գայ եւ քու անձդ ապականելու համար քեզի կուռքեր կը շինես, Դուն քու թափած արիւնովդ յանցաւոր եղար ու շինած կուռքերովդ ապականեցար։ Քու օրերդ մօտեցուցիր ու քու տարիներուդ սահմանը մօտեցար, անոր համար քեզ ազգերուն նախատինք ու բոլոր երկրին ծաղրանքի առարկայ ըրի։ Քեզի մօտ եղողները ու քեզմէ հեռու եղողները քեզ պիտի ծաղրեն, ո՛վ վատահամբաւ, աղմկալից քաղաք ’»։ «Ահա քու մէջդ Իսրայէլի իշխանները, ամէն մէկը իր բազուկովը արիւն թափելու համար կայներ են։ Քու մէջդ հայրն ու մայրը անարգեցին, քու մէջդ օտարականին բռնութիւն ըրին, քու մէջդ որդին ու որբեւարիին զրկանք ըրին։ Իմ սուրբ բաներս արհամարհեցիր եւ իմ շաբաթներս պղծեցիր։ Քու մէջդ բանսարկու մարդիկ կան արիւն թափելու համար, քու մէջդ լեռներու վրայ կերան, քու մէջդ եղեռնագործութիւն ըրին։ Քու մէջդ տղան իր հօրը մերկութիւնը յայտնեց, քու մէջդ անմաքուր եղող կինը անարգեցին։ Նաեւ մէկը իր դրացիին կնոջ հետ պղծութիւն ըրաւ, մէկը եղեռնագործութիւն ըրաւ՝ իր հարսը պղծելով, քու մէջդ ուրիշ մըն ալ իր քոյրը, իր հօրը աղջիկը բռնաբարեց։ Քու մէջդ արիւն թափելու համար կաշառք առին, վաշխ ու տոկոս առիր եւ բռնութիւն ընելով քու դրացիներէդ բան վաստկեցար ագահութեամբ ու զիս մոռցար», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Ուստի ահա քու ըրած ագահութեանդ ու քու մէջդ եղած արիւնահեղութեան համար ձեռքերս իրարու զարկի։ Միթէ քու սիրտդ կրնա՞յ՝ դիմանալ, կամ թէ ձեռքերդ կրնա՞ն ուժովնալ այն օրերը՝ երբ ես քեզի հատուցում ընեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ։ Քեզ ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու քեզ երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ եւ քու պղծութիւնդ քեզմէ պիտի ջնջեմ։ Դուն քեզմէ պիտի պղծուիս ազգերուն աչքերուն առջեւ ու պիտի գիտնաս թէ՝ ես եմ Տէրը»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տունը ինծի կղկղանքի պէս եղաւ. ամէնքը հալոցի մէջ՝ պղնձի, անագի, երկաթի ու կապարի պէս ՝ արծաթի կղկղանք եղան։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ամէնքդ կղկղանքի պէս եղաք, անոր համար ահա ես ձեզ Երուսաղէմի մէջ պիտի հաւաքեմ։ Ինչպէս արծաթն ու պղինձը ու երկաթը եւ կապարը ու անագը հալոցի մէջ կը հաւաքեն ու անոր վրայ կրակը կը փչեն՝ զանիկա հալեցնելու համար, այնպէս ալ ձեզ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի հաւաքեմ, մէջը պիտի դնեմ ու հալեցնեմ։ Ձեզ մէկտեղ բերելով՝ ձեր վրայ իմ բարկութեանս կրակը պիտի փչեմ եւ դուք անոր մէջ պիտի հալիք։ Ինչպէս արծաթը հալոցին մէջ կը հալի, դուք ալ անոր մէջ այնպէս պիտի հալիք ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ իմ սրտմտութիւնս թափեցի ձեր վրայ’»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, անոր ըսէ՛. ‘Դուն այնպիսի երկիր մըն ես, որ ո՛չ մաքրուած է, ո՛չ ալ բարկութեան օրը՝ անձրեւով թրջուած։ Անոր մէջ իր մարգարէներուն դաւաճանութիւնը կայ, որոնք աւար յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս հոգիներ կ’ուտեն։ Անոնք գանձ ու պատուական բաներ առին ու որբեւարիները շատցուցին։ Անոր քահանաները իմ օրէնքս աւրեցին ու իմ սուրբ բաներս պղծեցին, սուրբը պիղծէն չզանազանեցին եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը չգիտցուցին։ Իրենց աչքեր իմ շաբաթներէս ծածկեցին ու ես անոնց մէջ պիղծ սեպուեցայ։ Անոր իշխանները անոր մէջ յափշտակող գայլերու պէս արիւն թափելու ու հոգի կորսնցնելու ետեւէ եղան, որպէս զի ագահութեամբ վաստկին։ Անոր մարգարէները ունայն տեսիլքներ տեսնելով ու անոնց սուտ գուշակութիւն ընելով՝ զանոնք կիրով ծեփեցին ու ըսին. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ», թէեւ Տէրը խօսած չէր’։ Երկրին բնակիչները մեծ զրկանք ըրին ու մեծ յափշտակութիւն ըրին եւ աղքատն ու տնանկը բռնադատեցին ու օտարականը անիրաւութեամբ զրկեցին։ Անոնցմէ մարդ մը փնտռեցի, որ պարիսպ շինէ ու խրամատին մէջ իմ առջեւս կենայ երկրին համար, որպէս զի զանիկա չաւերեմ. բայց չգտայ։ Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի, զանոնք իմ սրտմտութեանս կրակովը սպառեցի. անոնց ճամբաները իրենց գլուխը տուի»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երկու կիներ կային մէկ մօր աղջիկներ։ Անոնք Եգիպտոսի մէջ պոռնկութիւն ըրին, իրենց մանկութեան ատենը պոռնկութիւն ըրին։ Անոնց ծիծերը հոն ճնշուեցան ու անոնց կուսութեան ստինքները հոն շօշափուեցան։ Անոնց անունները՝ մեծինը Ոողա ու անոր քրոջը՝ Ոողիբա էր։ Անոնք իմս եղան եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնան։ Անոնց անունները՝ Ոողա Սամարիա է ու Ոողիբա Երուսաղէմ է։ «Ոողա քանի որ իմս էր, պոռնկութիւն ըրաւ, իր տարփածուներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանցի դրացիներուն, Կապուտակ հագնող կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձի հեծնող ձիաւորներուն՝ որոնք շնորհալի երիտասարդներ էին։ Անիկա պոռնկութիւն ըրաւ անոնց հետ, այսինքն Ասորեստանի ընտիր որդիներուն հետ, նաեւ այն ամենուն հետ՝ որոնց սիրահարեցաւ ու անոնց ամէն կուռքերովը պղծուեցաւ։ Եգիպտոսէն բերած պոռնկութիւնները չթողուց. վասն զի անոր մանկութեան ատեն անոր հետ պառկեր էին։ Անոր կուսութեան ստինքները շօշափեր էին ու իրենց պոռնկութիւնը անոր վրայ թափեր էին։ Անոր համար զանիկա ձեռքը տուի, Ասորեստանի որդիներուն ձեռքը, որոնց սիրահարած էր։ Անոնք անոր մերկութիւնը յայտնեցին, անոր տղաքներն ու աղջիկները առին ու զանիկա սուրով մեռցուցին. այսպէս անիկա կիներուն մէջ անուանի եղաւ եւ զայն պատժեցին։ «Երբ անոր քոյրը Ոողիբա տեսաւ, իր սիրահարելովը անկէ աւելի ապականեցաւ եւ իր պոռնկութիւնները իր քրոջը պոռնկութիւններէն աւելի շատցուց ։ Իր դրացիներուն սիրահարեցաւ, այսինքն Ասորեստանի որդիներուն, շքեղութեամբ հագուած կուսակալներուն ու նախարարներուն, ձիաւորներուն, որոնք շնորհալի երիտասարդներ էին։ Տեսայ թէ պղծուեցաւ ու երկուքին ալ ճամբան մէկ եղաւ։ Իր պոռնկութիւնները աւելցուց, քանզի երբ պատի վրայ նկարուած մարդիկ, նօթով նկարուած Քաղդէացիներուն պատկերները տեսաւ, Որոնք մէջքերնին գօտի կապած էին եւ իրենց գլուխներուն վրայ ներկուած խոյրեր՝ ՝ ունէին ու բոլոր իշխաններու կերպարանքով էին, իրենց ծննդեան երկրին Բաբելոնի որդիներուն, Քաղդէացիներուն նման, Զանոնք տեսածին պէս անոնց սիրահարեցաւ եւ անոնց՝ Քաղդէացիներուն երկիրը դեսպաններ ղրկեց։ Բաբելոնի որդիները անոր հետ սիրոյ անկողինը մտան եւ զանիկա իրենց պոռնկութիւններով պղծեցին ու անիկա անոնց հետ պղծուեցաւ ու ետքը անոր հոգին անոնցմէ զատուեցաւ։ Եւ իր պոռնկութիւնները յայտնեց ու իր մերկութիւնը բացաւ. ուստի իմ հոգիս անկէ զատուեցաւ, ինչպէս անոր քրոջմէն զատուեր էր։ Այսպէս անիկա իր պոռնկութիւնները շատցուց, յիշելով իր մանկութեան օրերը՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ շնութիւն ըրած ժամանակը Ու սիրահարեցաւ անոնց տարփածուներուն, որոնց մարմինը էշերու մարմին էր ու անոնց զօրութիւնը ձիերու զօրութիւն էր։ Դուն նորէն քու մանկութեանդ պղծագործութիւնը ձեռք առիր, որ մանկութեանդ ծիծերուն ճնշուելովը ՝ ստինքներդ Եգիպտացիներէն շօշափուեցան»։ «Անոր համար, ո՛վ Ոողիբա, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քու վրադ պիտի գրգռեմ քու տարփածուներդ, որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ ու զանոնք ամէն կողմէն քու վրադ պիտի բերեմ, Բաբելոնի որդիները ու բոլոր Քաղդէացիները, Փակուդը, Սուէն ու Կուէն՝ ՝ եւ անոնց հետ Ասորեստանի բոլոր որդիները, ամէնքը շնորհալի երիտասարդներ, կուսակալներ ու նախարարներ, բոլորը ձի հեծնող զօրագլուխներ ու անուանի մարդիկ։ Անոնք զէնքերով, կառքերով ու անիւներով ու ժողովուրդներու բազմութիւնով քու վրադ պիտի գան եւ ամէն կողմէ քեզի դէմ վահան, ասպար ու սաղաւարտ պիտի դնեն եւ դատը անոնց ձեռքը պիտի տամ ու քեզ իրենց օրէնքներովը պիտի դատեն։ Իմ նախանձս քեզի դէմ պիտի դնեմ, որ քեզի հետ բարկութեամբ վարուին։ Քու քիթդ ու ականջներդ պիտի կտրեն եւ քու մնացորդդ սուրով պիտի իյնայ։ Անոնք քու տղաքներդ ու աղջիկներդ պիտի առնեն ու քու մնացորդդ կրակով պիտի այրեն։ Քու հանդերձներէդ քեզ պիտի մերկացնեն ու քու թանկագին զարդերդ պիտի առնեն։ Քեզմէ պիտի դադրեցնեմ քու պղծագործութիւնդ ու քու պոռնկութիւններդ, որոնք Եգիպտոսէն բերիր, որ աչքերդ անոնց չվերցնես ու անգամ մըն ալ Եգիպտոսը չյիշես»։ Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզ պիտի մատնեմ անոնց ձեռքը, որոնք դուն ատեցիր եւ անոնց ձեռքը որոնցմէ քու հոգիդ զատուեցաւ։ Անոնք քեզի հետ ատելութեամբ պիտի վարուին ու քու բոլոր վաստակդ պիտի առնեն եւ քեզ մերկ ու անծածկոյթ պիտի թողուն ու քու պոռնկութիւններուդ մերկութիւնը, քու ամբարշտութիւնդ ու պոռնկութիւնդ պիտի յայտնուին։ Ազգերուն հետեւելով պոռնկութիւն ընելուդ համար եւ անոնց կուռքերովը պղծուելուդ համար՝ այս բաները քեզի պիտի ընեմ։ Դուն քու քրոջդ ճամբան գացիր, ես ալ անոր բաժակը քու ձեռքդ պիտի տամ»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Դուն քու քրոջդ խորունկ ու լայն բաժակը պիտի խմես, խաղք ու խայտառակ պիտի ըլլաս, այն՝ բաժակը շատ բան կ’առնէ։ Դուն արբեցութեամբ ու տրտմութեամբ պիտի լեցուիս։ Ապշութեան ու զարմացման բաժակ մըն է քու քրոջդ Սամարիային բաժակը։ Դուն զանիկա պիտի խմես ու պիտի քամես եւ անոր կտորները պիտի լզես ու ստինքներդ պիտի պատռտես, քանզի ես խօսեցայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Զիս մոռնալուդ ու կռնակիդ ետեւը նետելուդ համար, դուն ալ քու պղծութիւնդ ու պոռնկութիւններդ պիտի կրես’»։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Ոողայի ու Ոողիբայի դատը պիտի տեսնե՞ս։ Ուրեմն անոնց պղծութիւնները իրենց յայտնէ՛։ Վասն զի շնութիւն ըրին ու ձեռքերնուն մէջ արիւն կայ եւ իրենց կուռքերովը շնութիւն ըրին ու իրենց ինծի ծնած տղաքն ալ կրակէ անցուցին, որպէս զի անոնց կերակուր ըլլան։ Նոյն օրը իմ սրբարանս մաքրեցին ու իմ շաբաթներս պղծեցին։ Վասն զի երբ իրենց տղաքը իրենց կուռքերուն զոհեցին, նոյն օրը իմ սրբարանս մտան, որպէս զի զանիկա պղծեն եւ ահա իմ տանս մէջ նոյնպէս ըրին։ Նաեւ հեռուէն գալիք մարդոց լուր ղրկեցին, որոնք պատգամաւորներ ղրկուելուն պէս, եկան։ Դուն անոնց համար լուացուեցար ու աչքերուդ վրայ ծարոյր դրիր ու զարդերով զարդարուեցար Եւ պատուական բազմոցի վրայ նստեցար, որուն առջեւ պատրաստուած սեղան կար եւ իմ խունկս ու իւղս անոր վրայ դրիր։ Ու հոն ուրախութիւն ընող բազմութեան ձայն կը լսուէր ու այն բազմաթիւ մարդոցմէ զատ անապատէն գինեմոլ մարդիկ բերուեցան, որոնք իրենց ձեռքերը ապարանջաններ ու գլուխները թանկագին թագեր դրած էին։ «Շնութեան մէջ ծերացածին համար ըսի. ‘Հիմա ալ ասոր հետ պոռնկութիւն պիտի ընե՞ն’։ Անոր քով կը մտնէին. ինչպէս պոռնիկ կնոջ քով կը մտնեն, այնպէս ալ Ոողայի ու Ոողիբայի, այն անպարկեշտ կիներուն քով կը մտնէին. Բայց արդար մարդիկ շնացող կիներուն դատաստանովը ու արիւն թափող կիներուն դատաստանովը պիտի դատեն զանոնք. վասն զի անոնք շնացող կիներ են ու անոնց ձեռքերուն մէջ արիւն կայ»։ Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Անոնց դէմ խռովութիւն պիտի հանեմ եւ զանոնք նեղութեան ու հափշտակութեան պիտի մատնեմ։ Ժողովուրդը զանոնք պիտի քարկոծեն եւ իրենց սուրերովը պիտի կտրտեն. անոնց տղաքներն ու աղջիկները պիտի մեռցնեն, անոնց տուները կրակով պիտի այրեն։ Ասով երկրէն պղծագործութիւնը պիտի վերցնեն, որպէս զի ամէն կին խրատուի ու ձեր պղծութեանը պէս չընէ։ Եւ ձեր պղծութիւնը ձեր վրայ պիտի դնեն ու դուք ձեր կուռքերուն մեղքերը պիտի կրէք ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան»։ Իններորդ տարուան տասներորդ ամիսը, ամսուան տասներորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, դուն քեզի այս օրուան անունը՝ ճիշդ այս օրը գրէ. Բաբելոնի թագաւորը ճիշդ այս օրը Երուսաղէմի մօտեցաւ։ Այն ապստամբներուն տանը առակ մը ըսէ, թէ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Կաթսան դիր ու մէջն ալ ջուր լեցուր։ Անոր կտորները, ամենէն աղէկ կտորները՝ ազդրը եւ ուսը՝ անոր մէջ դի՛ր ու զանիկա ընտիր ոսկորներով լեցուր։ Ոչխարներուն ընտիրները ա՛ռ ու ոսկորներն ալ տակը դիզէ՛, զանիկա խիստ շատ եռացո՛ւր, այնպէս որ մէջի ոսկորներն ալ խաշին’»։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, այն կաթսային, որուն ժանգը իր մէջն է ու ժանգը մէջէն ելած չէ. զանիկա իր մէջի կտորներովը հանէ՛, անոր վրայ թող վիճակ ձգուի. Վասն զի անոր արիւնը իր մէջն է։ Զանիկա չոր ապառաժի վրայ դրաւ, զանիկա գետնի վրայ չթափեց, որ զանիկա հողով ծածկէ։ Իմ սրտմտութիւնս գրգռելու ու վրէժ առնելու համար՝ անոր արիւնը չոր ապառաժի վրայ դրի, որպէս զի չծածկուի»։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Վա՜յ արիւնահեղ քաղաքին, ես ալ կրակին դէզը պիտի մեծցնեմ’։ Փայտերը շատցո՛ւր, կրակը բռնկեցո՛ւր, որպէս զի միսը հալի, համեմներ ալ դի՛ր, որ ոսկորները այրին։ Ետքը պարապ կաթսան ածուխի վրայ դիր, որպէս զի պղինձը տաքնայ ու այրի ու մէջի պղծութիւնը հալի ու ժանգը հատնի։ Անիկա աշխատութիւնով զիս յոգնեցուց ու անոր ժանգը չելաւ, անոր ժանգը կրակով չելաւ ։ Քու անմաքրութեանդ մէջ պղծութիւն կայ, որովհետեւ քեզ մաքրելու աշխատեցայ՝ ՝, բայց դուն չմաքրուեցար, այսուհետեւ քու անմաքրութենէդ պիտի չմաքրուիս, մինչեւ որ իմ բարկութիւնս քու վրադ թափեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ, ան պիտի գայ ու զանիկա պիտի կատարեմ, պիտի չներեմ՝ ՝ ու պիտի չխնայեմ եւ պիտի չզղջամ. քու ճամբաներուդ ու քու գործերուդ համեմատ պիտի դատուիս’։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, ահա ես հարուածով մը քու աչքերուդ ցանկութիւնը քեզմէ պիտի առնեմ, որ չ’ողբաս ու չի լաս եւ քու աչքերէդ արցունք թող չի գայ։ Լռութեամբ ըլլայ քու հեծութիւնդ, մեռելի սուգ մի՛ բռներ. քու ապարօշդ գլուխդ փաթթէ, հաւաքէ՛, կօշիկներդ հագի՛ր ու շրթունքդ մի՛ ծածկեր եւ մարդոց հացը մի՛ ուտեր»։ Առաւօտուն ժողովուրդին խօսեցայ ու իրիկունը կինս մեռաւ ու հետեւեալ առաւօտուն ինծի հրամայուածը ըրի։ Ժողովուրդը ինծի ըսաւ. «Մեզի չե՞ս բացատրեր թէ այս բաներէն ի՞նչ պիտի իմանանք »։ Ես անոնց ըսի. «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով՝ Իսրայէլի տանը ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ սրբարանս, ձեր զօրութեանը պարծանքը, ձեր աչքերուն ցանկութիւնը ու ձեր հոգիին խնայածը պիտի պղծեմ եւ ձեր թողուցած տղաքներն ու աղջիկները սուրով պիտի իյնան։ Դուք իմ ըրածիս պէս պիտի ընէք. ձեր շրթունքները պիտի չծածկէք, մարդոց հացը պիտի չուտէք Ու ձեր ապարօշները գլուխնիդ եւ ձեր կօշիկները ոտքերնիդ պիտի ըլլան. պիտի չողբաք ու պիտի չլաք, հապա ձեր անօրէնութիւններովը պիտի մաշիք եւ իրարու հետ պիտի հեծեծէք։ Եզեկիէլ ձեզի նշան մըն է. դուք անոր բոլոր ըրածին պէս պիտի ընէք ու երբ ասիկա ըլլայ, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէր Եհովան’։ Եւ դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, երբ ես անոնցմէ առնեմ անոնց զօրութիւնը, անոնց պարծանքի ցնծութիւնը, անոնց աչքերուն ցանկութիւնն ու անոնց հոգիին սիրած տղաքներն ու աղջիկները, Ահա այն օրը փախստական մը քեզի պիտի գայ եւ քու ականջներուդ պիտի պատմէ։ Այն օրը քու բերանդ պիտի բացուի փախստականին քով ու պիտի խօսիս եւ ա՛լ համր պիտի չըլլաս ու դուն անոնց նշան պիտի ըլլաս ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Ամմոնի որդիներուն դարձուր ու անոնց վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ Եւ Ամմոնի որդիներուն ըսէ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն «Վա՜շ» ըսիր իմ սրբարանիս համար՝ երբ պղծուեցաւ ու Իսրայէլի երկրին համար՝ երբ աւերակ եղաւ եւ Յուդայի տանը համար՝ երբ գերութեան գնաց. Անոր համար ահա ես քեզ արեւելքի բնակիչներուն ժառանգութիւն պիտի տամ ու քու մէջդ իրենց գիւղերը պիտի հաստատեն ու քու մէջդ իրենց վրանները պիտի բանան, քու պտուղներդ պիտի ուտեն եւ քու կաթդ պիտի խմեն։ Ռաբբան՝ ուղտերու փարախ եւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը հօտերու մակաղատեղի պիտի ընեմ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’։ Վասն զի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն ծափ զարկիր ու ոտքդ գետինը զարկիր ու Իսրայէլի երկրին վրայ քու հոգիիդ բոլոր արհամարհանքովը ուրախացար, Անոր համար ահա ես իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ եւ քեզ ժողովուրդներէն պիտի կտրեմ ու քեզ երկիրներուն մէջէն պիտի կորսնցնեմ. քեզ բնաջինջ պիտի ընեմ’։ Ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ Մովաբ ու Սէիր ինծի ըսին թէ ‘Ահա Յուդայի տունը բոլոր ազգերուն պէս է’, Անոր համար ահա ես Մովաբին սահմանը իր քաղաքներէն, իր ծայրը եղող քաղաքներէն, երկրին պարծանքը եղող Բեթեսիմօթի, Բէէլմօնի ու Կարիաթեմի կողմէն պիտի բանամ Արեւելքի բնակիչներուն, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն վրայ գան ։ Այն երկիրը անոնց իբր ժառանգութիւն պիտի տամ, որպէս զի Ամմոնի որդիները ազգերուն մէջ չյիշուին։ Մովաբն ալ պիտի պատժեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ Եդովմ Յուդայի տունէն վրէժ առաւ եւ անկէ վրէժ առնելով մեծ յանցանք գործեց», Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Եդովմի վրայ անշուշտ ձեռքս պիտի երկնցնեմ եւ մարդն ու անասունը անկէ պիտի կոտորեմ եւ զանիկա անապատ պիտի ընեմ, Թեմանէն մինչեւ Դեդան սուրով պիտի իյնան’։ Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ձեռքով իմ վրէժխնդրութիւնս Եդովմին վրայ պիտի կատարեմ ու անոնք իմ սրտմտութեանս ու բարկութեանս համեմատ պիտի ընեն Եդովմի մէջ եւ իմ վրէժխնդրութիւնս պիտի ճանչնան’»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Փղշտացիները վրէժխնդրութեամբ վարուեցան ու հոգիի արհամարհանքով վրէժ առին՝ հին օրերու ատելութեամբ աւերելով’, Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ ձեռքս Փղշտացիներուն վրայ պիտի երկնցնեմ եւ Քերեթիները պիտի կոտորեմ ու ծովեզերքը եղողներուն մնացորդը բնաջինջ պիտի ընեմ Եւ անոնց վրայ իմ սրտմտութեանս յանդիմանութիւններովը մեծ վրէժխնդրութիւններ պիտի կատարեմ ու երբ իմ վրէժս անոնցմէ առնեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։ Տասնըմէկերորդ տարին, ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, որովհետեւ Տիւրոս Երուսաղէմի համար ըսաւ՝ ‘Վա՜շ, ժողովուրդներուն դռները կոտրեցան, անոր ամէն բանը ինծի փոխանցուեցաւ, անոր անապատ դառնալովը ես պիտի լեցուիմ’. Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Տիւրոս ու քու վրադ շատ ազգեր պիտի բարձրացնեմ, ինչպէս ծովը իր ալիքները կը բարձրացնէ Եւ անոնք Տիւրոսի պարիսպները պիտի աւերեն ու անոր աշտարակները պիտի փլցնեն։ Ես անոր հողը անկէ պիտի աւլեմ եւ զանիկա չոր ապառաժի պիտի վերածեմ։ Անիկա ծովուն մէջ ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ, վասն զի ես խօսեցայ’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ‘Անիկա ազգերուն աւար պիտի ըլլայ Եւ անոր աղջիկները որոնք դաշտի մէջ են, սուրով պիտի սպաննուին’։ Մարդիկ պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես հիւսիսէն Տիւրոսի վրայ պիտի բերեմ թագաւորներու թագաւորը, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը, ձիերով, կառքերով, ձիաւորներով, բազմութիւնով ու շատ ժողովուրդով։ Անիկա քու աղջիկներդ դաշտի մէջ սուրով պիտի մեռցնէ եւ քեզի դէմ մարտկոց պիտի շինէ ու քեզի դէմ հողաբլուր պիտի կանգնեցնէ ու քեզի դէմ վահան պիտի վերցնէ Եւ քու պարիսպներուդ դէմ իր պատերազմական մեքենաները պիտի դնէ ու իր տապարներովը քու աշտարակներդ պիտի փլցնէ։ Անոր ձիերուն բազմութենէն փոշին քեզ պիտի ծածկէ. ձիաւորներուն ու անիւններուն եւ կառքերուն ձայնէն քու պարիսպներդ պիտի սասանին, երբ ինք քու դռներէդ մտնէ՝ պարիսպը փլած քաղաքի մէջ մտնողներու պէս։ Քու բոլոր փողոցներդ իր ձիերուն սմբակները պիտի կոխկռտեն, քու ժողովուրդդ սուրով պիտի սպաննէ եւ քու ամուր բերդերդ գետնի հաւասար պիտի ըլլան։ Քու հարստութիւնդ պիտի թալլեն ու ապրանքներդ պիտի կողոպտեն եւ քու պարիսպներդ պիտի փլցնեն ու գեղեցիկ տուներդ պիտի քակեն։ Քու քարերդ, փայտերդ ու հողդ ջուրերուն մէջ պիտի ձգեն։ Եւ քու երգերուդ աղաղակը պիտի դադրեցնեմ ու քու քնարներուդ ձայնը անգամ մըն ալ պիտի չլսուի։ Եւ քեզ չոր ապառաժի պիտի վերածեմ, ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլաս, անգամ մըն ալ պիտի չշինուիս. վասն զի ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ Տիւրոսին. «Միթէ քու կործանումիդ ձայնէն կղզիները պիտի չսասանի՞ն, երբ քու մէջդ կոտորած ըլլալով՝ վիրաւորները հեծեն։ Այն ատեն ծովուն բոլոր իշխանները իրենց աթոռներուն վրայէն պիտի իջնեն եւ իրենց պատմուճանները պիտի հանեն ու իրենց զարդարուն հանդերձներէն պիտի մերկանան, սուգի հագուստ պիտի հագնին, գետնի վրայ պիտի նստին եւ ամէն վայրկեան պիտի սարսափին ու քու վրայովդ պիտի ապշին Եւ քու վրայովդ ողբ ընելով՝ քեզի պիտի ըսեն. ‘Ինչպէ՜ս կործանեցար, ո՛վ ծովաբնակ անուանի քաղաք, որ ծովուն մէջ զօրաւոր էիր’։ Դուն ու քու բնակիչներդ, որ ծովեզերքին բոլոր բնակիչներէն աւելի ահարկու էիք։ Հիմա քու կործանումիդ օրը կղզիները պիտի դողան ու ծովու մէջ եղող կղզիները քու բնաջինջ ըլլալուդ վրայով պիտի ապշին’»։ Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Երբ քեզ աւերեմ այն քաղաքներուն պէս, որոնք բնակիչ չունին եւ քու վրադ անդունդը հանեմ ու շատ ջուրեր քեզ ծածկեն Եւ քեզ գուբը իջնողներուն հետ հին ժողովուրդին իջեցնեմ ու քեզ գուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը, յաւիտենկաան աւերակներուն մէջ նստեցնեմ, այնպէս որ անգամ մըն ալ մէկը մէջդ չբնակի, այն ատեն ես կենդանիներու երկիրը պիտի փառաւորեմ։ Ամենէն պիտի սոսկաս ու պիտի ոչնչանաս, պիտի փնտռուիս, բայց յաւիտեան պիտի չգտնուիս»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի վրայ ողբա՛ Եւ Տիւրոսին ըսէ՛. ‘Ով ծովուն մուտքերը բնակող, շատ կղզիներու մէջ ժողովուրդներուն հետ վաճառականութիւն ընող, ո՛վ Տիւրոս, դուն ըսիր թէ «Ես գեղեցկութեան մէջ կատարեալ եմ»։ Քու սահմաններդ ծովուն մէջտեղն են. քեզ շինողները քու գեղեցկութիւնդ կատարեալ ըրին։ Անոնք քու բոլոր նաւերուդ տախտակները Սանիրի մայրիէն շինեցին. Լիբանանէն եղեւիններ առին, որպէս զի քեզի կայմեր շինեն։ Քու թիերդ Բասանի կաղնիներէն շինեցին, քու նստարաններդ Կիտացիներու կղզիներէն եկած տօսախէ շինեցին՝ փղոսկրով պատուած ։ Քու բացած առագաստդ Եգիպտոսի զարդարուն բեհեզներէն էր. քու ծածկոցդ Եղիսայի կղզիներուն կապուտակ ու ծիրանեգոյն կերպասէն էր։ Սիդոնի ու Արուադի բնակիչները քու թիավարներդ էին. քու մէջդ եղող իմաստունները, ո՛վ Տիւրոս, անոնք քու նաւավարներդ էին։ Գեբաղի ծերերը ու անոր իմաստունները քու մէջդ էին՝ քու ծածկուած նաւերդ նորոգելու համար։ Ծովուն բոլոր նաւերն ու անոնց նաւաստիները քու առուտուրդ ընելու համար քու մէջդ էին։ Քու զօրքերուդ մէջ պատերազմիկ Պարսիկները, Ղուդացիներն ու Փուդացիներն էին։ Անոնք քու մէջդ վահան ու սաղաւարտ կը կախէին ու անոնք քեզ փառաւորեցին։ Արուադացիները քու զօրքիդ հետ՝ շուրջանակի քու պարիսպներուդ վրայ ու Դամադացիները քու աշտարակներուդ մէջ էին։ Անոնք իրենց վահանները շուրջանակի քու պարիսպներուդ վրայ կը կախէին։ Անոնք քու գեղեցկութիւնդ կատարեալ ըրին։ «Ամէն տեսակ ապրանք շատ ըլլալուն համար՝ Թարսիսի բնակիչները քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ արծաթի, երկաթի, անագի ու կապարի առուտուր կ’ընէին։ Յաւան, Թոբէլ ու Մոսոք քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ մարդ կը փոխանակէին ու պղնձէ ամաններու առուտուր կ’ընէին։ Թորգոմի տունէն քու վաճառանոցներդ ձիեր ու կառաձիեր եւ ջորիներ կը բերէին։ Դեդանի որդիները քու վաճառականներդ էին. շատ մը կղզիներու վաճառականութիւն քու ձեռքդ էր։ Անոնք քեզի հետ փղոսկրի ժանիքներով ու ոպնիազով փոխանակութիւն կ’ընէին։ Ձեռագործներուդ շատութեանը համար Ասորիները քու վաճառականներդ էին։ Քու վաճառանոցներուդ մէջ կարկեհանի, ծիրանեգոյնի, ասեղնագործ կերպասի, բեհեզի, բուստերու ու կարմիր յակինթի առուտուր կ’ընէին։ Յուդայի ու Իսրայէլի երկիրը քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ Մեննիթի ցորենի, խմորեղէնի, մեղրի, իւղի ու բալասանի առուտուր կ’ընէին։ Ձեռագործներուդ շատութենէն, ամէն տեսակ ապրանքի շատ ըլլալուն համար, Դամասկոս քու վաճառականդ էր՝ Քեղբոնի գինիով ու ճերմակ բուրդով կը փոխանակէին։ Վէդան ու Յաւան քու վաճառանոցներդ մանած կը բերէին։ Քու վաճառքներուդ մէջ բանուած երկաթ, կասիա ու խունկեղէն կար։ Կառքերու համար պաստառակալներ բերող վաճառականդ Դեդան էր։ Արաբացիներն ու Կեդարի բոլոր իշխանները քու պատրաստ վաճառականներդ էին։ Անոնք քեզի հետ գառնուկներու, խոյերու ու նոխազներու առուտուր կ’ընէին։ Սաբայի ու Ռեգմայի վաճառականները քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ ամէն տեսակ ընտիր խունկերու եւ ամէն տեսակ պատուական քարերու ու ոսկիի առուտուր կ’ընէին։ Խառան, Քաննէ ու Եդեմ, Սաբայի վաճառականները եւ Ասորեստան ու Քաղմադ քու վաճառականներդ էին։ Անոնք քու վաճառանոցներուդ մէջ քեզի հետ շքեղ հանդերձներով, կապուտակ ու ասեղնագործուած վերարկուներով ու երփներանգ զգեստներով լեցուած ու չուաններով կապուած եղեւնափայտէ սնտուկներու առուտուր կ’ընէին։ Թարսիսի նաւերը քու առուտուրիդ համար կը պտըտէին»։ «Այսպէս դուն լեցուեցար ու խիստ փառաւոր եղար ծովուն մէջտեղը»։ «Թիավարներդ քեզ դէպի շատ ջուրերը առաջնորդեցին։ Արեւելեան հովը քեզ ծովուն մէջտեղը խորտակեց։ Քու ապրանքներդ ու վաճառքներդ, քու նաւավարներդ, քու նաւերդ նորոգողներն ու քեզի հետ առուտուր ընողները եւ քու մէջդ եղող բոլոր պատերազմիկները ու քու մէջդ եղող բոլոր բազմութիւնը քու կործանումիդ օրը ծովուն մէջտեղը պիտի ընկղմին։ Քու նաւավարներուդ աղաղակին ձայնէն արուարձանները պիտի սարսին։ Բոլոր թի քաշող նաւաստիները եւ նաւավարները իրենց նաւերէն պիտի իջնեն ու ցամաքը պիտի կայնին։ Իրենց ձայնը քու վրայովդ լսել պիտի տան ու դառնապէս պիտի աղաղակեն եւ իրենց գլուխներուն վրայ հող պիտի ցանեն ու մոխիրի մէջ պիտի թաւալին։ Քեզի համար մազերնին պիտի փետտեն եւ քուրձ պիտի հագնին ու քեզի համար սրտի ցաւով ու դառն ողբով պիտի լան։ Իրենց սուգին մէջ քեզի համար ողբի ձայն պիտի վերցնեն ու քու վրադ ողբան ըսելով. ‘Կա՞ր Տիւրոսի նման քաղաք, որ ծովուն մէջ բնաջինջ եղաւ’։ Քանի որ քու վաճառքներդ ծովէն կ’ելլէին, շատ ազգեր կը կշտացնէիր, շատ ապրանքներով ու առուտուրներով շատ թագաւորներ կը հարստացնէիր։ Ջուրերուն խորութեանը մէջ ծովերէն կլլուած ատենդ՝ քու վաճառքներդ եւ բոլոր նաւաստիները քեզի հետ ընկղմեցան։ Կղզիներու բոլոր բնակիչները քու վրադ ապշեցան ու անոնց թագաւորները խիստ զարհուրեցան, իրենց երեսները դեղնեցան։ Ազգերուն վաճառականները վրադ սուլեցին։ Դուն սոսկումի պատճառ եղար եւ յաւիտենապէս ոչնչացար»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի իշխանին ըսէ թէ՝ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու սիրտդ հպարտացաւ ու ըսիր թէ «Ես աստուած մըն եմ, ես ծովուն մէջտեղը Աստուծոյ աթոռը կը նստիմ». սակայն դուն մարդ ես ու ո՛չ թէ աստուած, թէեւ քու սիրտդ Աստուծոյ սրտին տեղ դրիր’. Ահա դուն Դանիէլէն իմաստուն ես, բնաւ գաղտնիք մը քեզմէ պահուած չէ։ Քու իմաստութիւնովդ ու հանճարովդ քեզի հարստութիւն ստացար եւ գանձերուդ մէջ ոսկի ու արծաթ հաւաքեցիր։ Իմաստութեամբ ու վաճառականութեամբ հարստութիւնդ շատցուցիր եւ քու հարստութեանդ պատճառով սիրտդ հպարտացաւ։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն քու սիրտդ Աստուծոյ սրտին տեղ դրիր, Անոր համար ահա ես քու վրադ օտարներ, ազգերու բռնապետներ պիտի բերեմ։ Անոնք քու իմաստութեանդ գեղեցկութեանը վրայ սուրերնին պիտի քաշեն ու քու վայելչութիւնդ պիտի ապականեն։ Քեզ գուբը պիտի իջեցնեն ու ծովուն մէջտեղը վիրաւորներու մահովը պիտի մեռնիս։ Միթէ քեզ սպաննողներուն առջեւ պիտի կրնա՞ս ըսել թէ ‘Ես աստուած եմ’. դուն քեզ մեռցնողներուն ձեռքին մէջ մարդ պիտի ըլլաս ու ո՛չ թէ աստուած։ Օտարներուն ձեռքով՝ անթլփատներուն մահովը պիտի մեռնիս, քանզի ես խօսեցայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի թագաւորին վրայով ողբա՛ ու անոր ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն որ կատարելութեան կնիքն ես, իմաստութեամբ լեցուած ու գեղեցկութեան մէջ կատարեալ ես, Դուն Աստուծոյ դրախտին՝ Եդեմի՝ մէջ էիր, քու ծածկոցդ ամենէն պատուական քարերէն էին՝ սարդիոն, տպազիոն ու ադամանդ, ոսկեքար, եղնգնաքար եւ յասպիս, շափիւղայ, կարկեհան եւ զմրուխտ ու ոսկի։ Քու թմբուկներուդ ու սրինգներուդ գործը քու ստեղծման օրդ քեզի պատրաստուեցաւ, Դուն տարածուած ու ծածկող քերովբէ մըն էիր ու ես քեզ դրի։ Դուն Աստուծոյ սուրբ լերանը վրայ էիր, դուն հրեղէն քարերուն մէջտեղերը կը շրջէիր, Դուն ճամբաներուդ մէջ կատարեալ էիր, քու ստեղծուած օրէդ մինչեւ այն օրը, երբ քու վրադ անօրէնութիւն գտնուեցաւ։ Քու առուտուրիդ շատութեանը մէջ, բռնութեամբ լեցուեցար ու մեղք գործեցիր։ Ես ալ քեզ Աստուծոյ լեռնէն՝ իբրեւ պիղծ՝ վար նետեցի եւ քեզ, ո՛վ ծածկող քերովբէ, հրեղէն քարերուն մէջէն բնաջինջ ըրի։ Քու գեղեցկութեանդ համար սիրտդ հպարտացաւ, քու վայելչութեանդ պատճառով քու իմաստութիւնդ ապականեցիր։ Ես ալ գետինը նետեցի քեզ, թագաւորներուն առջեւ դրի, ազդարարութեան համար։ Քու խարդախ վաճառականութիւնովդ եւ անօրէնութիւններովդ քու սրբութիւններդ պղծեցիր։ Ես ալ քու մէջէդ կրակ հանեցի, անիկա քեզ կերաւ ու բոլոր քեզ տեսնողներուն աչքին առջեւ քեզ գետնի վրայ մոխիր ըրի։ Ազգերուն մէջ ամէն քեզ ճանչցողները տժգունեցան. դուն սոսկումի պատճառ եղար ու յաւիտեան ոչնչացար’»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Սիդոնի կողմը դարձո՛ւր, անոր վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սիդոն եւ քու մէջդ պիտի փառաւորուիմ, երբ զայն պատժեմ եւ անոր մէջ սուրբ անուանուիմ։ Վասն զի անոր մէջ ժանտախտ ու անոր փողոցներուն մէջ արիւն պիտի ղրկեմ եւ շուրջը եղող սուրովը անոր մէջ վիրաւորներ պիտի իյնան ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ Եւ Իսրայէլի տանը անգամ մըն ալ խայթող տատասկ ու ցաւցնող փուշ պիտի չըլլայ՝ իրենց բոլորտիքը եղող զիրենք նախատողներէն ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովան’»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Երբ Իսրայէլի տունը հաւաքեմ այն ժողովուրդներէն՝ որոնց մէջ ցրուըուած են, այն ատեն անոնց մէջ ազգերու աչքերուն առջեւ սուրբ պիտի սեպուիմ ու անոնք պիտի բնակին իրենց երկրին մէջ, որ ես իմ Յակոբ ծառայիս տուի։ Անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու տուներ պիտի շինեն եւ այգիներ պիտի տնկեն։ Ես պիտի պատժեմ անոնց բոլորտիքը եղողները, որ զանոնք նախատեցին, իսկ իրենք ապահովութեամբ պիտի բնակին ու պիտի գիտնան թէ ես եմ իրենց Տէր Աստուածը»։ Տասներորդ տարուան, տասներորդ ամսուան տասներկրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին կողմը դարձուր ու անոր դէմ ու բոլոր Եգիպտոսի դէմ մարգարէութիւնը ըրէ՛, Խօսէ՛ ու ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւոր, քու գետերուդ մէջ պառկող մեծ վիշապ, որ կ’ըսես թէ ‘Իմ գետս իմս է ու զանիկա ես ինծի համար շինեցի’։ Բայց ես քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ եւ քու գետերուդ ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակցնեմ ու քեզ գետերուդ մէջէն պիտի հանեմ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը քու թեփերուդ պիտի փակչին։ Քեզ ու գետերուդ բոլոր ձուկերը անապատը պիտի նետեմ։ Դուն դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս ու պիտի չհաւաքուիս եւ չամփոփուիս։ Քեզ երկրի գազաններուն ու երկնքի թռչուններուն կերակուր պիտի տամ։ Եգիպտոսի բոլոր բնակիչները պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, վասն զի Իսրայէլի տանը համար եղէգէ ցուպ եղան։ Երբ անոնք քեզ ձեռքով բռնեցին, դուն կոտրտեցար ու անոնց բազուկը ճեղքեցիր ու երբ քեզի կռթնեցան, փշրուեցար ու անոնց մէջքը դողացուցիր»։ Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես քու վրադ սուր պիտի բերեմ եւ մարդն ու անասունը պիտի կոտորեմ։ Եգիպտոսը աւերակ ու անապատ պիտի ըլլայ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը. որովհետեւ անիկա ըսաւ. ‘Գետը իմս է ու զանիկա ես շինեցի’։ Անոր համար ահա ես քեզի եւ քու գետերուդ դէմ եմ ու Եգիպտոսի երկիրը Մագդողէն մինչեւ Սուհէն ու մինչեւ Եթովպիացիներու սահմանը աւերակ ու անշէն անապատ պիտի ընեմ. Անկէ մարդու ոտք պիտի չանցնի, ո՛չ ալ անասունի ոտք եւ քառասուն տարի անբնակ պիտի մնայ։ Եգիպտոսը ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ընեմ եւ անոր քաղաքները աւերուած քաղաքներու մէջ քառասուն տարի ամայի պիտի մնան ու Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ ու զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ»։ Սակայն Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Քառասուն տարի ետքը Եգիպտացիները պիտի հաւաքեմ այն ազգերէն որոնց մէջ ցրուեցան Ու Եգիպտացիները գերութենէ պիտի դարձնեմ եւ զանոնք Պաթուրէսի երկիրը, իրենց հայրենի երկիրը պիտի դարձնեմ ու հոն խոնարհ թագաւորութիւն մը պիտի ըլլան։ Թագաւորութիւններուն խիստ խոնարհը պիտի ըլլայ ու անգամ մըն ալ ազգերու վրայ պիտի չբարձրանայ. վասն զի անոնք պիտի պզտիկցնեմ, որպէս զի ազգերուն վրայ չտիրեն։ Անոնք անգամ մըն ալ Իսրայէլի տանը ապաւէն պիտի չըլլան, իրենց անօրէնութիւնը յիշելով երբ օգնութեան համար անոր դիմեն։ Ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովան»։ Քսանեօթներորդ տարուան, առաջին ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր զօրքը ուժով գործածեց Տիւրոսի դէմ։ Ամէն գլուխ կնտացաւ ու ամէն ուսի մորթ ելաւ. սակայն իրեն եւ իր զօրքին հատուցում մը չստացաւ Տիւրոսէն՝ այն ծառայութեան համար, որ անոր ըրաւ»։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Եգիպտոսը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պիտի տամ ու անոր հարստութիւնը պիտի առնէ, պիտի կողոպտէ ու անոր աւարը պիտի յափշտակէ եւ ասիկա անոր զօրքին վարձք մը պիտի ըլլայ։ Հոն ըրած գործին համար Եգիպտոսը անոր տուի, վասն զի ինծի համար աշխատեցան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Այն օրը Իսրայէլի տանը եղջիւրը պիտի բուսցնեմ ու անոնց մէջ քու շրթունքներդ պիտի բանամ։ Անոնք պիտի գիտնան թէ՝ ես եմ Տէրը»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. Որդի՛ մարդոյ, մարգարէութիւն ըրէ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ողբացէ՛ք ու ըսէ՛ք ՝ «Աւա՜ղ, ցաւալի օր». Վասն զի օրը մօտ է, Տէրոջը օրը մօտ է, անիկա ամպոտ օր է. ազգերուն համար աւերման ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ Եգիպտոսի վրայ սուր մը պիտի գայ ու Եթովպիայի մէջ սաստիկ խռովութիւն պիտի ըլլայ։ Երբ Եգիպտոսի մէջ վիրաւորներ իյնան եւ անոր հարստութիւնը առնեն, անոր հիմերը պիտի կործանին։ Եթովպիացիները, Փուդացիները եւ Ղուդացիները ու բոլոր խառնիճաղանճ ժողովուրդը եւ Քուբացիները եւ ուխտի երկրին որդիները անոնց հետ մէկտեղ սուրով պիտի իյնան’»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եգիպտոսի օգնականներն ալ պիտի իյնան ու անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի խոնարհի. Մագդողէն մինչեւ Սուհէն սուրով պիտի իյնան անոր մէջ’։ «Ամայացած երկիրներու մէջ ամայի պիտի ըլլան եւ անոր քաղաքները կործանուած քաղաքներու մէջ պիտի ըլլան։ Երբ Եգիպտոսի մէջ կրակ ձգեմ ու անոր բոլոր օգնականները կոտորուին, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ Այն օրը իմ առջեւէս նաւերով դեսպաններ պիտի ելլեն, որպէս զի ապահովութեան մէջ եղող Եթովպիացիները վախցնեն եւ անոնց վրայ սաստիկ խռովութիւն ըլլայ Եգիպտոսի օրուանը պէս. վասն զի ահա ան կու գայ»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Եգիպտոսի հարստութիւնն ալ Բաբելոնի ձեռքով պիտի ջնջեմ։ Անիկա ու անոր հետ իր ժողովուրդը, ազգերուն բռնաւորները, երկիրը աւերելու պիտի գան։ Անոնք իրենց սուրերը Եգիպտոսի վրայ պիտի քաշեն ու երկիրը սպաննուածներով պիտի լեցնեն։ Ես գետերը պիտի ցամքեցնեմ ու երկիրը չարերուն ձեռքը պիտի մատնեմ ու երկիրը եւ բոլոր անոր մէջ եղածը օտարներուն ձեռքով պիտի կորսնցնեմ. ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Կուռքերն ալ բնաջինջ պիտի ընեմ ու Մեմփիսի չաստուածները պիտի ոչնչացնեմ։ Անգամ մըն ալ Եգիպտոսի երկրէն իշխան պիտի չելլէ ու Եգիպտոսի մէջ վախ պիտի դնեմ։ Պաթուրէսը աւերակ պիտի ընեմ ու Տայանիսը կրակի պիտի տամ ու Նովը պիտի պատժեմ։ Եգիպտոսի ամրութիւնը եղող Սինի վրայ իմ սրտմտութիւնս պիտի թափեմ ու Նովի բազմութիւնը պիտի կոտորեմ։ Եգիպտոսի մէջ կրակ պիտի ձգեմ։ Սին սաստիկ պիտի տագնապի ու Նովի պարսպին խրամը պիտի քանդեմ եւ թշնամիները ցորեկով պիտի տիրեն Մեմփիսին։ Արեգ քաղաքին ու Բուբաստի կտրիճները սուրով պիտի իյնան ու անոնց բնակիչները գերութեան պիտի երթան։ Նաեւ Տափնասի մէջ ցորեկը խաւար պիտի ըլլայ՝ երբ հոն Եգիպտոսի լուծերը կոտրտեմ ու հոն անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի ոչնչանայ։ Ամպը պիտի ծածկէ զանիկա եւ անոր աղջիկները գերութեան պիտի երթան։ Այսպէս Եգիպտոսը պիտի պատժեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ Տասնըմէկերորդ տարուան առաջին ամիսը, ամսուան եօթին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին բազուկը կոտրեցի։ Ահա անիկա պիտի չփաթթուի, ո՛չ ալ անոր վրայ դեղեր ու կապեր դնելով՝ զանիկա պիտի պատեն, որ զօրանայ սուր բռնելու համար։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին դէմ եմ ու անոր բազուկները պիտի կոտրտեմ, թէ՛ զօրաւորը եւ թէ՛ տկարը եւ սուրը անոր ձեռքէն վար ձգել պիտի տամ Ու Եգիպտացիները ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ եւ զանոնք երկիրներուն մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ։ Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ եւ իմ սուրս անոր ձեռքը պիտի տամ. իսկ Փարաւոնին բազուկները պիտի կոտրտեմ ու անիկա անոր առջեւ մահամերձ վիրաւորուածի հծծութիւնովը պիտի հեծեծէ։ Այսպէս Բաբելոնի թագաւորին բազուկները պիտի զօրացնեմ, իսկ Փարաւոնին բազուկները պիտի իյնան։ Երբ իմ սուրս Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը տամ եւ ան ալ զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ երկնցնէ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ Եգիպտացիները ազգերու մէջ պիտի ցրուեմ եւ զանոնք երկիրներու մէջ ցիրուցան պիտի ընեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ Տասնըմէկերորդ տարուան, երրորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին ու անոր ժողովուրդին ըսէ՛. ‘Դուն քու մեծութիւնովդ որո՞ւ կը նմանիս’։ Ահա Ասորեստանցին Լիբանանի մէջ եղող եղեւինի մը պէս էր, անոր ոստերը գեղեցիկ ու տերեւախիտ ճիւղերը հովանի էին ու հասակը բարձր էր եւ անոր գլուխը խիտ ճիւղերու՝ ՝ մէջ էր։ Ջուրերը զանիկա մեծցուցին, անդունդները զանիկա բարձրացուցին, իրենց գետերը անոր տնկուած տեղին բոլորտիքը կը պտըտէին ու իրենց վտակները դաշտին բոլոր ծառերուն կը ղրկէին։ Այս պատճառով անոր հասակը դաշտին բոլոր ծառերէն բարձր եղաւ ու տարածուելով՝ ջուրերուն շատութենէն անոր ոստերը շատցան եւ ճիւղերը երկնցան։ Անոր ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները բոյն կը շինէին ու ճիւղերուն տակ դաշտի բոլոր գազանները կը ծնանէին։ Անոր հովանիին տակ բոլոր մեծ ազգերը կը բնակէին։ Իր մեծութիւնովը ու ճիւղերուն երկայնութիւնովը գեղեցիկ էր, վասն զի անոր արմատը շատ ջուրերու քով էր։ Աստուծոյ դրախտին եղեւինները զանիկա չէին ծածկեր, մայրի ծառերը անոր ոստերուն չէին նմանիր ու սօսիները անոր շառաւիղներուն պէս չէին. Աստուծոյ դրախտին մէջ բնաւ ծառ մը գեղեցկութեամբ անոր նման չէր։ Իր ոստերուն շատութիւնովը գեղեցիկ էր ու Աստուծոյ դրախտին մէջ եղող Եդեմի բոլոր ծառերը անոր կը նախանձէին։ Ասոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ հասակով բարձրացաւ ու գլուխը ամպերու հասցուց, իր սիրտը իր բարձրութիւնովը հպարտացաւ։ Ես ալ զանիկա ազգերու մէջ զօրաւոր մէկուն ձեռքը տուի, որ անշուշտ անոր հատուցում պիտի ընէ։ Զանիկա վռնտեցի։ Ու օտարները, ազգերուն բռնաւորները, զանիկա կտրեցին եւ զանիկա թողուցին։ Անոր ճիւղերը լեռներու վրայ ու հովիտներու մէջ ինկան։ Անոր ճիւղերը երկրի բոլոր ձորերուն մէջ կոտրտեցան ու երկրի բոլոր ժողովուրդները անոր հովանիէն հեռացան ու զանիկա թողուցին։ Անոր ինկած ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները պիտի բնակին եւ անոր ճիւղերուն վրայ դաշտի գազանները պիտի կենան։ Ջրասուն ծառերը բնաւ իրենց հասակին վրայ պիտի չհպարտանան եւ իրենց գլուխը խիտ ճիւղերու մէջ պիտի չվերցնեն։ Բոլոր ջուրով ոռոգուածները անոնց հպարտութեանը համար անոնց պիտի չյարին. վասն զի ամէնքը գետնին տակերը մահուան ձեռքը տրուած են՝ գուբը իջնող մարդոց որդիներուն մէջ»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Գերեզմանը իջած օրը՝ սուգ բռնել տուի, անոր համար անդունդը ծածկեցի ու անոր գետերը արգիլեցի։ Շատ ջուրեր արգիլուեցան ու անոր համար Լիբանանը սուգ բռնեց եւ անոր համար դաշտի բոլոր ծառերը թառամեցան։ Երբ զանիկա գուբը իջնողներուն հետ գերեզմանը իջեցուցի, անոր կործանումին ձայնէն ազգերը դողացուցի։ Եդեմի բոլոր ծառերը, Լիբանանի ընտիր ու գեղեցիկ ծառերը եւ ջուրով ոռոգուածները, սանդարամետ իջնողները մխիթարուեցան։ Անոնք ալ անոր հետ՝ սուրով սպաննուածներուն քով գերեզմանը իջան, նաեւ անոր բազուկը եղողները, որոնք անոր հովանիին տակ՝ ազգերուն մէջ կը նստէին։ Դուն այսպիսի փառքով ու մեծութեամբ որո՞ւ կը նմանիս Եդեմի ծառերուն մէջ։ Դուն Եդեմի ծառերուն հետ գետնին տակ պիտի նետուիս ու սուրով սպաննուածներուն հետ անթլփատներուն մէջ պիտի պառկիս։ Փարաւոն ու անոր բոլոր ժողովուրդը այսպէս պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Տասնըերկրորդ տարուան տասնըերկրորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին վրայ ողբա՛ ու անոր ըսէ՛. ‘Դուն ազգերու մէջ առոյգ առիւծի կը նմանիս Եւ ծովերու մէջ վիշապի պէս ես։ Դուն գետերուդ վրայ կը յարձակիս Ու ոտքերովդ ջուրերը կը խառնես Եւ անոնց գետերը կը պղտորես’։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես շատ ազգերու ժողովուրդով Իմ ցանցս քու վրադ պիտի տարածեմ Եւ քեզ իմ ուռկանովս պիտի հանեմ։ Քեզ գետինը պիտի նետեմ, Քեզ դաշտի երեսին վրայ պիտի ձգեմ, Քու վրադ երկնքի բոլոր թռչունները պիտի իջեցնեմ. Քու մարմինդ լեռներուն վրայ պիտի դնեմ, Քու դիակներովդ ձորերը պիտի լեցնեմ։ Երկիրը, ուր դուն կը լողաս, մինչեւ լեռները Քու արիւնովդ պիտի ողողեմ Ու հեղեղատները քեզմով պիտի լեցուին։ Ու երբ քեզ ջնջեմ՝ երկինքը պիտի ծածկեմ Ու անոր աստղերը պիտի խաւարեցնեմ. Արեւը ամպով պիտի ծածկեմ Ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ Քու վերեւդ երկնքի բոլոր լուսաւորները պիտի խաւարեցնեմ, Քու երկրիդ վրայ մութը պիտի տիրէ’, Կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Երբ քու կործանումիդ լուրը Ազգերուն ու քեզի անծանօթ երկիրներու հասցնեմ, Շատ ժողովուրդներու սիրտը պիտի խռովեցնեմ։ Քու պատճառովդ շատ ժողովուրդներ պիտի տժգունին, Քու պատճառովդ անոնց թագաւորները խիստ պիտի զարհուրին, Երբ իմ սուրս անոնց երեսին առջեւ երերցնեմ։ Քու կործանումիդ օրը Ամէն մարդ իր հոգիին համար ամէն վայրկեան պիտի սարսափի»։ Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Բաբելոնի թագաւորին սուրը քու վրադ պիտի գայ։ Հսկաներուն սուրերովը քու զօրութիւնդ պիտի կործանեմ։ Բոլոր ազգերու եղեռնագործները պիտի գան եւ Եգիպտոսի հպարտութիւնը պիտի կործանեն եւ Անոր զօրութիւնը պիտի խորտակեն։ Եւ անոր բոլոր անասունները Շատ ջուրերու քովէն պիտի կորսնցնեմ։ Անգամ մըն ալ մարդու ոտքը զանոնք պիտի չպղտորէ։ Անասունի կճղակներն ալ զանոնք պիտի չպղտորեն։ Այն ատեն անոնց ջուրերը ականակիտ պիտի ընեմ Եւ անոնց գետերը իւղի պէս պիտի քալեցնեմ»։ Տէր Եհովան կ’ըսէ. «Երբ Եգիպտոսի երկիրը աւերակ դարձնեմ, Երկիրը բոլորովին ամայանայ, Երբ անոր բոլոր բնակիչները զարնեմ, այն ատեն Պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։ «Այս ողբն է զոր պիտի ըսեն։ Ազգերուն աղջիկները պիտի ըսեն, Եգիպտոսի վրայ ու անոր բոլոր ժողովուրդին վրայ պիտի ըսեն»։ Տասնըերկրորդ տարուան, առաջին ամսուան տասնըհինգին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի ժողովուրդին վրայ ողբա՛, Զանիկա ու երեւելի ազգերուն աղջիկները Գուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը իջեցո՛ւր։ ‘Դուն որմէ՞ գեղեցիկ ես. Իջի՛ր ու անթլփատներուն հետ պառկէ՛’։ Անոնք սուրով սպաննուածներուն մէջ պիտի իյնան։ Անիկա սուրի տրուեցաւ։ Զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը քաշկռտեցէ՛ք։ Գերեզմանին մէջ զօրաւոր կտրիճները Անոր օգնութիւն ընողներուն հետ անոր պիտի խօսին։ Անոնց սուրով սպաննուած անթլփատները հոն իջած կը պառկին։ Ասուր ու իր բոլոր ժողովուրդը հոն են։ Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են, Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են։ Անոնց գերեզմանները գուբին խորունկ տեղերը տեղաւորուած են։ Անոր ժողովուրդը գերեզմանին բոլորտիքն են։ Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են. Անոնք, որ կենդանիներու երկրին մէջ վախ կ’ազդէին, Եղամ ու իր բոլոր ժողովուրդը Հո՛ն, անոր գերեզմանին բոլորտիքն են։ Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են Ու անթլփատ իջան երկրին խորերը։ Անոնք որ կենդանիներու երկիրը կը վախցնէին, Հիմա գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։ Սպաննուածներուն մէջ անկողին պատրաստեցին անոր ու իր ժողովուրդին, Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են. Ամէնքը սուրով սպաննուած անթլփատներ են, Թէպէտեւ անոնք կենդանիներու երկրին մէջ զանոնք կը վախցնէին, Հիմա գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։ Անոնք սպաննուածներուն մէջ դրուած են։ Մոսոքն ու Թոբէլը եւ անոնց բոլոր ժողովուրդը հոն են։ Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են։ Ամէնքը սուրով սպաննուած անթլփատներ են, Թէպէտեւ անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ զանոնք կը վախցնէին։ Անոնք անթլփատներէն ինկող հսկաներուն հետ պիտի չպառկին. Որոնք իրենց պատերազմական զէնքերովը գերեզման իջան Եւ իրենց սուրերը իրենց գլուխներուն տակ դրին. Սակայն անոնց անօրէնութիւնները իրենց ոսկորներուն վրայ պիտի ըլլան, Թէեւ անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ հսկաներուն սարսափն էին։ Դուն անթլփատներուն մէջ պիտի կոտորուիս Ու սուրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկիս։ Եդովմ, իր թագաւորներն ու բոլոր իշխանները հոն են, Որոնք իրենց զօրութիւնովը սուրով սպաննուածներուն հետ դրուած են։ Անոնք անթլփատներուն հետ Ու գուբը իջնողներուն հետ կը պառկին։ Հիւսիսի բոլոր իշխանները եւ բոլոր Սիդոնացիները հոն են, Որոնք սպաննուածներուն հետ իջան։ Անոնք իրենց բռնութեամբ կատարած աւերներէն կ՛ամչնան, Անոնք սուրով սպաննուածներուն հետ անթլփատ կը պառկին Ու գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։ Փարաւոն զանոնք պիտի տեսնէ եւ մխիթարուի Անոնց բոլոր զօրութեան եւ իր բոլոր վիրաւորներուն վրայ, Որոնք սուրով սպաննուեցան», Կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Քանզի կենդանիներուն երկրին մէջ իմ վախս դրի։ Անոնք անթլփատներուն մէջ սուրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկին, Այսինքն Փարաւոն ու անոր բոլոր ժողովուրդը», Կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Դարձեա՛լ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիներուն խօսէ՛ ու ըսէ՛. ‘Եթէ երկրի մը վրայ սուր բերեմ ու այն երկրին ժողովուրդը իրենց մէջէն մարդ մը ընտրեն ու զանիկա իրենց համար դէտ դնեն Ու անիկա այն երկրին վրայ սուրին գալը տեսնէ եւ փողը հնչեցնէ ու ժողովուրդը զգուշացնէ Եւ եթէ փողին ձայնը լսողը չզգուշանայ եւ սուրը գայ՝ զանիկա վերցնէ, անոր արիւնը իր գլուխը պիտի ըլլայ։ Անիկա փողին ձայնը լսեց ու չզգուշացաւ, անոր արիւնը իր վրայ պիտի ըլլայ. բայց զգուշացողը իր հոգին պիտի ազատէ։ Իսկ եթէ դէտը սուրին գալը տեսնէ եւ փողը չհնչեցնէ ու ժողովուրդը չզգուշանայ եւ սուրը գայ ու անոնցմէ մէկը վերցնէ, իր անօրէնութեանը համար վերցուեցաւ. բայց անոր արիւնը դէտին ձեռքէն պիտի պահանջեմ’։ «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի, որ իմ խօսքս լսես եւ իմ կողմէս զանոնք զգուշացնես։ Երբ ամբարշտին ըսեմ՝ «Ո՛վ ամբարիշտ, անշուշտ պիտի մեռնիս», բայց դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն չզգուշացնես, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։ Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը իր ճամբայէն զգուշացնես, որպէս զի անկէ դառնայ ու անիկա իր ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած պիտի ըլլաս»։ Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը ըսէ. ‘Դուք այսպէս կը խօսիք ու կ’ըսէք. «Մեր յանցանքներն ու մեղքերը մեր վրայ են ու մենք անոնց մէջ կը մաշինք, ուրեմն ի՞նչպէս պիտի ապրինք»’։ Անոնց ըսէ՛. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ամբարշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք ձեր չար ճամբաներէն։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’»։ «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ քու ժողովուրդիդ որդիներուն ըսէ՛. ‘Արդարին արդարութիւնը՝ անոր յանցանք ըրած օրը զանիկա պիտի չազատէ ու ամբարշտին ամբարշտութիւնը՝ իր ամբարշտութենէն դարձած օրը իրեն գլորման պատճառ պիտի չըլլայ. ո՛չ ալ արդարը մեղք գործած օրը իր արդարութիւնովը պիտի կրնայ ապրիլ’։ Երբ ես արդարին ըսեմ թէ անշուշտ պիտի ապրի ու անիկա իր արդարութեանը ապաւինելով անօրէնութիւն ընէ, անոր բոլոր արդարութիւնը պիտի չյիշուի, հապա անիկա իր ըրած անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի։ Ու երբ ամբարշտին ըսեմ թէ ‘Դուն անշուշտ պիտի մեռնիս’ ու անիկա իր մեղքէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, Այն ամբարիշտը գրաւը ետ տայ ու յափշտակածը հատուցանէ եւ անօրէնութիւն չընելով՝ կեանքի կանոններուն համեմատ քալէ, անիկա անշուշտ պիտի ապրի, պիտի չմեռնի։ Անոր գործած բոլոր մեղքերը պիտի չյիշուին։ Անիկա իրաւունք ու արդարութիւն ըրաւ, անշուշտ պիտի ապրի»։ Քու ժողովուրդիդ որդիները կ’ըսեն թէ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’. սակայն իրենց ճամբան է որ ուղիղ չէ։ Երբ արդարը իր արդարութենէն դառնայ ու անօրէնութիւն ընէ, անիկա անոր մէջ պիտի մեռնի։ Երբ ամբարիշտը իր ամբարշտութենէն դառնայ եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ, անիկա անոնցմով պիտի ապրի։ Բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘Տէրոջը ճամբան ուղիղ չէ’։ Ես ձեր ամէն մէկուն դատաստանը իր ճամբաներուն համեմատ պիտի տեսնեմ, ո՛վ Իսրայէլի տուն»։ Մեր գերութեանը տասնըերկրորդ տարուան, տասներորդ ամսուան հինգերորդ օրը, Երուսաղէմէն ազատուած մը ինծի եկաւ ու ըսաւ. ‘Քաղաքը զարնուեցաւ’։ Դեռ այն ազատուածը չեկած՝ իրիկունը՝ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու իմ բերանս բացաւ, ապա առաւօտուն անիկա ինծի եկաւ ու երբ բերանս բացուեցաւ՝ ա՛լ համր չէի։ Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, այս Իսրայէլի երկրին աւերակներուն բնակիչները կը խօսին ու կ’ըսեն. ‘Աբրահամ մէ՛կ մարդ էր ու երկիրը ժառանգեց։ Մենք որ շատուոր ենք, անշուշտ երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուեցաւ’։ Անոր համար ըսէ անոնց, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուք միսը արիւնով կ’ուտէք ու աչքերնիդ ձեր կուռքերուն կը վերցնէք։ Արիւն կը թափէք ու այդ երկի՞րը պիտի ժառանգէք։ Դուք ձեր սուրերուն կ’ապաւինիք, պղծութիւն կ’ընէք, ամէն մէկդ իր ընկերին կինը կը պղծէ։ Այս երկիրը պիտի ժառանգէ՞ք’։ Անոնց այսպէս ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես կենդանի եմ, որ աւերակներուն մէջ եղողները սուրով պիտի իյնան ու դաշտին երեսը եղողները գազաններուն կերակուր պիտի ըլլան եւ բերդերուն ու քարայրներուն մէջ եղողները ժանտախտով պիտի մեռնին։ Երկիրը բոլորովին պիտի ամայացնեմ եւ անոր զօրութեանը հպարտութիւնը պիտի կորսուի։ Իսրայէլի լեռներն ալ պիտի ամայացնեմ եւ անոնց վրայէն անցնող պիտի չըլլայ։ Երբ երկիրը բոլորովին ամայացնեմ իրենց ըրած բոլոր գարշութիւններուն համար, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։ «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քու ժողովուրդիդ որդիները պատերուն քով ու տուներուն դռներուն քով քու վրադ կը խօսակցին, ամէն մարդ իր եղբօրը կը խօսի ու կ’ըսէ. ‘Հիմա եկէ՛ք ու լսեցէ՛ք թէ ի՞նչ է Տէրոջը ըսած խօսքը’։ Անոնք ժողովուրդին գալուն պէս քեզի կու գան ու քու առջեւդ իմ ժողովուրդիս պէս կը նստին եւ քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն կատարեր. վասն զի անոնք իրենց բերնովը կը ձեւացնեն թէ համաձայն են, բայց սրտերնին իրենց ագահութեանը ետեւէն կ’երթան։ Ահա դուն անոնց՝ քաղցրաձայն ու հմուտ նուագածուի մը ախորժելի երգին պէս ես, որոնք քու խօսքերդ կը լսեն, բայց զանոնք չեն գործադրեր։ Սակայն երբ ասիկա ըլլայ (եւ պիտի ըլլայ), այն ատեն պիտի գիտնան թէ իրենց մէջ մարգարէ մը կար»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի հովիւներուն դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛, մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ հովիւներուն. ‘Վա՜յ Իսրայէլի հովիւներուն, որոնք ինքզինքնին կ’արածեն։ Հովիւները հօտը արածելու չե՞ն։ Դուք ճարպը կ’ուտէք ու բուրդը կը հագնիք եւ գէրը կը մորթէք, բայց հօտը չէք արածեր։ Տկարները չուժովցուցիք ու հիւանդները չբժշկեցիք եւ կոտրածը չփաթթեցիք ու մոլորածը չդարձուցիք եւ կորսուածը չփնտռեցիք. հապա բռնութիւնով ու խստութիւնով անոնց վրայ տիրեցիք։ Անոնք հովիւ չունենալնուն համար ցրուեցան ու ցրուելով՝ դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան։ Իմ ոչխարներս լեռներու վրայ ու բարձր բլուրներու վրայ մոլորեցան եւ իմ ոչխարներս բոլոր երկրի երեսին վրայ ցրուեցան ու հարցնող ու փնտռող չեղաւ’։ «Անոր համար, ո՛վ հովիւներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որովհետեւ հովիւ չըլլալուն համար իմ հօտս յափշտակուեցաւ ու իմ ոչխարներս դաշտի բոլոր գազաններուն կերակուր եղան եւ իմ հովիւներս իմ ոչխարներս չփնտռեցին ու հովիւները ինքզինքնին արածեցին ու իմ հօտս չարածեցին’, Անոր համար, ո՛վ հովիւներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես հովիւներուն դէմ եմ ու իմ ոչխարներս անոնցմէ պիտի պահանջեմ եւ զանոնք ոչխար արածելէն պիտի դադրեցնեմ ու հովիւները անգամ մըն ալ պիտի չարածեն։ Իմ ոչխարներս անոնց բերնէն պիտի հանեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ անոնց կերակուր չըլլան’։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես՝ ինքս՝ իմ ոչխարներս պիտի պահանջեմ ու փնտռեմ։ Ինչպէս հովիւը, երբ իր ցրուած ոչխարներուն ետեւէն կ’ըլլայ ու իր հօտը կը փնտռէ, այնպէս ալ ես իմ ոչխարներս պիտի փնտռեմ ու պիտի ազատեմ զանոնք այն տեղերէն, ուր ամպի ու մառախուղի ատեն ցրուեցան։ Զանոնք ժողովուրդներէն պիտի հանեմ, զանոնք երկիրներէն պիտի հաւաքեմ ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ։ Զանոնք Իսրայէլի լեռներուն վրայ, ձորերուն մէջ ու երկրին ամէն բնակելի տեղերը պիտի արածեմ. Զանոնք աղէկ արօտի մէջ պիտի արածեմ ու անոնց փարախը Իսրայէլի բարձր լեռներուն վրայ պիտի ըլլայ։ Հոն աղէկ փարախի մէջ պիտի պառկին ու Իսրայէլի լեռներուն վրայ պարարտ արօտի մէջ պիտի արածին։ Ես պիտի արածեմ իմ ոչխարներս ու զանոնք ես պիտի պառկեցնեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Կորսուածը պիտի փնտռեմ ու մոլորածը պիտի դարձնեմ եւ կոտրածը պիտի փաթթեմ ու հիւանդը պիտի առողջացնեմ, բայց պարարտն ու զօրաւորը պիտի պահեմ. զանոնք իրաւունքով պիտի արածեմ’։ «Ձեզի, ո՛վ իմ ոչխարներս, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ոչխարին ու ոչխարին, խոյերուն ու նոխազներուն մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։ Միթէ աղէկ արօտի մէջ արածուիլը քի՞չ բան է ձեզի, որ ձեր արօտներուն մնացորդը ձեր ոտքերով կը կոխկռտէք ու մաքուր ջուրերն ալ խմե՞լը, որ մնացածները ձեր ոտքերով կը պղտորէք։ Իմ ոչխարներս ձեր ոտքերուն կոխկռտածը կ’ուտեն ու ձեր ոտքերով պղտորածը կը խմեն’։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ինքս դատաստան պիտի ընեմ պարարտ ոչխարին ու նիհար ոչխարին մէջտեղ։ Քանի որ դուք ձեր կողքով եւ ուսով հրեցիք ու ձեր եղջիւրներով բոլոր տկարներուն զարկիք, մինչեւ որ դուրսը ցրուեցիք զանոնք, Ես ալ իմ ոչխարներս պիտի ազատեմ ու անգամ մըն ալ պիտի չյափշտակուին։ Ոչխարին ու ոչխարին մէջտեղ դատաստան պիտի ընեմ։ Անոնց վրայ հովիւ մը, այսինքն իմ ծառաս Դաւիթը պիտի կեցնեմ, որպէս զի զանոնք հովուէ։ Անիկա պիտի հովուէ զանոնք։ Անիկա պիտի ըլլայ անոնց հովիւը։ Ես՝ Տէրս՝ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ իմ ծառաս Դաւիթ անոնց վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ։ Եւ անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ մը պիտի ընեմ ու այն երկրէն չար գազանները բնաջինջ պիտի ընեմ, որ անապատին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու անտառներուն մէջ քնանան։ Զանոնք ու իմ լերանս շրջակայ տեղերը օրհնութիւնով պիտի լեցնեմ ու անձրեւները իրենց ժամանակին պիտի իջեցնեմ, որոնք օրհնութեան անձրեւներ պիտի ըլլան։ Դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ։ Անոնք իրենց երկրին վրայ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու երբ անոնց լուծին կապերը կոտրեմ ու զանոնք գերի տանող ձեռքէն ազատեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ Անոնք անգամ մըն ալ ազգերէն պիտի չյափշտակուին ու երկրի գազանները զանոնք պիտի չուտեն. այլ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու վախցնող մը պիտի չըլլայ։ Անոնց անուանի տունկ մը պիտի բուսցնեմ ու անգամ մըն ալ երկրին վրայ սովով պիտի չսպառին ու ազգերէն նախատինք պիտի չկրեն Եւ պիտի գիտնան թէ ես՝ իրենց Տէր Աստուածը՝ իրենց հետ եմ ու իրենք՝ Իսրայէլի տունը՝ իմ ժողովուրդս են’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Դուք, իմ ոչխարներս, իմ արօտիս ոչխարները, մարդիկ էք ու ես ձեր Աստուածն եմ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Սէիր լերանը վրայ դարձուր ու անոր դէմ մարգարէութիւն ըրէ՛ Եւ անոր ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սէիր լեռ ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ ու քեզ բոլորովին պիտի ամայացնեմ։ Քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ եւ դուն ամայի պիտի ըլլաս ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը’։ «Որովհետեւ դուն հին օրերէն ատելութիւն ունեցար ու Իսրայէլի որդիները, իրենց պատուհասուած ժամանակը, անօրէնութեան ժամանակը լրանալուն, սուրին ձեռքը մատնեցիր, Անոր համար ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ քեզ արեան մէջ պիտի դնեմ եւ արիւնը քեզ պիտի հալածէ. քանի որ արիւնը չատեցիր, այն արիւնը քեզ պիտի հալածէ։ Սէիր լեռը բոլորովին ամայի պիտի ընեմ եւ անկէ անցնողն ու դարձողը պիտի սպաննեմ։ Ու անոր լեռները իր սպաննուածներովը պիտի լեցնեմ։ Քու բլուրներուդ վրայ. քու հովիտներուդ մէջ ու բոլոր ձորերուդ մէջ սուրով սպաննուածներ պիտի իյնան։ Քեզ յաւիտենապէս պիտի ամայացնեմ եւ քու քաղաքներուդ մէջ անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։ «Որովհետեւ դուն ըսիր թէ ‘Այս երկու ազգը ու այս երկու երկիրը իմս պիտի ըլլան ու անոնց պիտի տիրենք’ (թէեւ Տէրը հոն էր). Անոր համար, ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ քու թշնամութիւնովդ անոնց դէմ գործադրուած բարկութեանդ ու նախանձիդ չափովը հատուցում պիտի ընեմ եւ քու դատաստանդ տեսած ատենս անոնք պիտի ճանչնան զիս։ Ու պիտի գիտնաս թէ ես՝ Տէրս՝ լսեցի քու բոլոր հայհոյութիւններդ, որոնք Իսրայէլի լեռներուն դէմ գործածեցիր՝ ըսելով. ‘Անոնք աւերակ եղան, անոնք մեզի կերակուր տրուեցան’ Եւ ձեր բերնովը ինծի դէմ հպարտացաք ու խօսքերնիդ ինծի դէմ շատցուցիք։ Ես զանոնք լսեցի»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին ուրախութեան ատենը քեզ պիտի ամայացնեմ։ Եւ ինչպէս դուն Իսրայէլի տանը ժառանգութեանը վրայ ուրախացար, երբ ամայացաւ, քեզի ալ այնպէս պիտի ընեմ։ Դո՛ւք, ո՛վ Սէիր լեռ ու Եդովմ, բոլորովին պիտի ամայանաք ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»։ «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի լեռներուն մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ. ‘Ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. Որովհետեւ թշնամին ձեզի համար ըսաւ՝ «Վա՜շ, յաւիտենական բլուրներն ալ մեզի ժառանգութիւն եղան»’, Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ ձեզ աւերեցին ու ամէն կողմէ ճնշուեցաք, այնպէս որ մնացած ազգերուն սեփականութիւն եղաք ու դուք լեզուանի մարդոց խօսքի առարկան ու ժողովուրդին նախատինքը եղաք. Անոր համար, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէ՛ք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն եւ ամայի եղած աւերակներուն ու պարապ թողուած քաղաքներուն, որոնք շրջակայ ազգերուն մնացորդին յափշտակութիւն ու նախատինք եղած են։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Մնացած ազգերուն համար ու Եդովմին համար անշուշտ իմ նախանձիս կրակովը խօսեր եմ, վասն զի անոնք սրտի ուրախութեամբ ու հոգիի հպարտութեամբ իմ երկիրս իրենց սեփականացուցին եւ զանիկա աւարի պէս յափշտակեցին’։ Անոր համար Իսրայէլի երկրին վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ եւ լեռներուն ու բլուրներուն, ձորերուն ու հովիտներուն ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Քանի որ դուք ազգերէն նախատինք կրեցիք, ահա ես ալ իմ նախանձովս ու իմ բարկութիւնովս խօսեցայ’։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես իմ ձեռքս վերցուցի, որ ձեր բոլորտիքը եղող ազգերը իրենց անարգանքը կրեն։ Բայց դո՛ւք, ո՛վ Իսրայէլի լեռներ, ձեր ճիւղերը պիտի երկնցնէք ու իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի համար ձեր պտուղները պիտի բերէք, վասն զի անոնք մօտերս պիտի գան։ Քանզի ահա ես ձեր կողմէն եմ ու ձեզի պիտի դառնամ եւ դուք պիտի մշակուիք ու պիտի սերմանուիք Ու ձեր վրայ մարդիկ՝ Իսրայէլի տունը՝ պիտի շատցնեմ ու քաղաքներու մէջ պիտի բնակին եւ աւերակները պիտի շէնցնեն։ Ձեր վրայ մարդն ու անասունը պիտի շատցնեմ։ Անոնք պիտի շատնան ու պտղաբեր պիտի ըլլան եւ ձեր առաջուան կացութեանը պէս ձեր մէջ պիտի բնակին ու ձեր առաջուան վիճակէն աւելի աղէկ պիտի ընեմ ձեզ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ Եւ ձեր վրայ մարդիկ՝ իմ ժողովուրդս Իսրայէլը՝ պիտի պտըտեցնեմ։ Անոնք քեզ պիտի ժառանգեն եւ դուն անոնց ժառանգութիւն պիտի ըլլաս ու անգամ մըն ալ զանոնք պիտի չսպառես՝ ՝’։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ քեզի համար կ’ըսեն թէ ‘Դուն մարդակեր երկիր մըն ես, քու ազգերդ սպառեցիր’, Անոր համար անգամ մըն ալ մարդ պիտի չուտես ու անգամ մըն ալ քու ազգերդ պիտի չսպառես, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Անգամ մըն ալ ազգերու նախատինք պիտի չլսուի եւ անգամ մըն ալ ժողովուրդներու անարգանքը պիտի չկրես եւ քու ազգերդ պիտի չսպառես’։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, Երբ Իսրայէլացիները իրենց երկրին մէջ բնակեցան, զանիկա իրենց ճամբայովը եւ գործերովը պղծեցին։ Անոնց ճամբան իմ առջեւս անմաքուր կնոջ մը պղծութեան պէս եղաւ, Ուստի իմ բարկութիւնս անոնց վրայ թափեցի այն արիւնին համար՝ որ իրենք թափեցին երկրի վրայ ու զանիկա իրենց կուռքերովը պղծեցին։ Զանոնք ազգերուն մէջ ցրուեցի ու երկիրներու մէջ ցիրուցան եղան։ Զանոնք իրենց ճամբուն ու գործերուն համեմատ դատեցի Եւ իրենց գացած ազգերուն մէջ երթալնուն պէս՝ իմ սուրբ անունս պղծեցին, երբ իրենց համար ըսուեցաւ թէ ‘Ասոնք Եհովային ժողովուրդն են, բայց անոր երկրէն ելան’։ Սակայն ես խնայեցի իմ սուրբ անուանս համար, որը պղծեցին այն ազգերուն մէջ, ուր մտան»։ «Անոր համար Իսրայէլի տանը ըսէ թէ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛չ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, ո՛վ Իսրայէլի տուն, հապա իմ սուրբ անուանս համար, որը դուք ձեր մտած ազգերուն մէջ պղծեցիք։ Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս, որ ազգերուն մէջ պղծուեցաւ, որ դուք անոնց մէջ պղծեցիք ու ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, երբ անոնց աչքերուն առջեւ ձեր մէջ սրբուիմ։ Ձեզ ազգերէն պիտի առնեմ ու բոլոր երկիրներէն ձեզ պիտի հաւաքեմ ու ձեզ ձեր երկիրը պիտի բերեմ։ Ձեր վրայ մաքուր ջուր պիտի սրսկեմ ու պիտի մաքրուիք։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն ու ձեր բոլոր կուռքերէն ձեզ պիտի մաքրեմ։ Ձեզի նոր սիրտ պիտի տամ ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ եւ ձեր մարմիններէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ու ձեզի մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ։ Իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու դուք իմ օրէնքներուս մէջ պիտի քալէք ու իմ իրաւունքներս պիտի պահէք ու գործադրէք։ Եւ պիտի բնակիք այն երկիրներուն մէջ, որ ձեր հայրերուն տուի ու դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք, ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն ձեզ պիտի ազատեմ ու ցորենը պիտի կանչեմ եւ զանիկա պիտի շատցնեմ ու ձեր վրայ սով պիտի չբերեմ։ Ծառերուն պտուղն ու արտերուն բերքը պիտի շատցնեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ազգերու մէջ սովի նախատինք չկրէք։ Ձեր գէշ ճամբաները եւ չար գործերը պիտի յիշէք ու ձեր անօրէնութիւններուն համար եւ ձեր պղծութիւններուն համար դուք ձեր անձերէն պիտի զզուիք։ Չէ թէ ձեզի համար կ’ընեմ ասիկա, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ձեզի յայտնի ըլլայ եւ ձեր ճամբաներէն ամչցէք ու շփոթեցէք, ո՛վ Իսրայէլի տուն’։ «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը, երբ ձեր բոլոր անօրէնութիւններէն ձեզ մաքրեմ, քաղաքներուն մէջ մարդ պիտի բնակի ու աւերակները պիտի շինուին։ Ամայի երկիրը, ամէն անցնողի աչքերուն առջեւ ամայի մնալու տեղ, պիտի մշակուի’։ Ու պիտի ըսեն՝ ‘Այս ամայացած երկիրը Եդեմի դրախտին պէս եղաւ եւ աւերակ, ամայի ու փլած քաղաքները պարսպապատ ու մարդաբնակ եղան’։ Ու ձեր բոլորտիքը մնացած ազգերը պիտի գիտնան թէ ես՝ Տէրս՝ փլածները կը շինեմ ու ամայացած երկիրը կը շէնցնեմ։ Ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու պիտի կատարեմ’»։ «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Իսրայէլի տանը խնդրանքը պիտի ընդունիմ, անոնց մարդիկը հօտի պէս պիտի շատցնեմ։ Սուրբ հօտին պէս, Երուսաղէմի հանդիսաւոր տօներուն հօտին պէս, աւերուած քաղաքները մարդոց հօտերով այնպէս պիտի լեցուին, որ գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։ Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ եւ Տէրը զիս Հոգիով՝ ՝ հանեց ու դաշտին մէջ դրաւ։ Անիկա ոսկորներով լեցուն էր։ Զիս անոնց շուրջը պտըտցուց։ Անոնք դաշտին երեսին վրայ խիստ շատ էին եւ խիստ չորցած։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, այս ոսկորները կրնա՞ն կենդանանալ»։ Ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, դուն գիտես»։ Ինծի ըսաւ. «Այս ոսկորներուն վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛. ‘Ո՛վ չորցած ոսկորներ, Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք։ Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան այս ոսկորներուն. «Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք Եւ ձեր վրայ ջիղեր պիտի դնեմ ու ձեզ միսով պիտի պատեմ ու ձեզ մորթով պիտի ծածկեմ եւ ձեր մէջ շունչ պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը»’»։ Ես մարգարէութիւն ըրի ինչպէս ինծի հրամայուեցաւ ու հազիւ թէ մարգարէացայ՝ ձայն մը լսուեցաւ, շարժում մը եղաւ ու ոսկորները իրարու մօտեցան՝ ոսկորը իր ոսկորին։ Տեսայ թէ անոնք ջիղերով ու միսով պատուեցան ու մորթով ծածկուեցան, բայց անոնց մէջ շունչ չկար։ Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Շունչին մարգարէութիւն ըրէ՛։ Մարգարէութիւն ըրէ՛, որդի՛ մարդոյ ու շունչին ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ո՛վ շունչ, չորս հովերէն եկուր ու այս սպաննուածներուն վրայ փչէ՛, որպէս զի կենդանանան’»։ Ես մարգարէութիւն ըրի՝ ինչպէս Տէրը ինծի հրամայեց ու շունչը անոնց մէջ մտաւ ու կենդանացան եւ իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան ու խիստ մեծ բանակ մը եղաւ ։ Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ այս ոսկորները բոլոր Իսրայէլի տունն են։ Ահա անոնք կ’ըսեն. ‘Մեր ոսկորները չորցան ու մեր յոյսը կտրեցաւ. մենք կորսուած ենք’։ Ուստի մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես ձեր գերեզմանները պիտի բանամ ու ձեզ ձեր գերեզմաններէն հանեմ, ո՛վ իմ ժողովուրդս եւ ձեզ Իսրայէլի երկիրը պիտի բերեմ։ Երբ ձեր գերեզմանները բանամ ու ձեզ ձեր գերեզմաններէն հանեմ, ո՛վ իմ ժողովուրդս, պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։ Եւ իմ Հոգիս ձեր ներսիդին պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք ու ձեր երկրին մէջ ձեզ պիտի հանգստացնեմ ու պիտի գիտնաք թէ ես՝ Տէրս՝ խօսեցայ ու ըրի՝ ՝’»։ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, քեզի փայտ մը առ ու անոր վրայ գրէ՛. ‘Յուդային համար ու անոր ընկերներուն, Իսրայէլի որդիներուն համար’։ Ետքը ուրիշ փայտ մը ա՛ռ ու անոր վրայ գրէ՛. ‘Յովսէփին համար, Եփրեմին ու անոր ընկերներուն բոլոր Իսրայէլի տանը փայտը’։ Զանոնք իրարու մօտեցուր, որպէս զի մէկ փայտ ըլլան ու քու ձեռքիդ մէջ միանան։ Երբ քու ժողովուրդիդ որդիները քեզի խօսին ու ըսեն՝ ‘Ի՞նչ պիտի ըլլան քեզի այս բաները. մեզի չե՞ս պատմեր’, Անոնց ըսէ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես պիտի առնեմ Յովսէփին փայտը, որ Եփրեմին ձեռքն է ու անոր ընկերները, Իսրայէլին ցեղերը եւ բոլորը մէկտեղ Յուդային փայտին հետ պիտի միացնեմ ու մէկ փայտ պիտի ընեմ ու իմ ձեռքիս մէջ մէկ պիտի ըլլան’։ Այն փայտերը, որոնց վրայ դուն պիտի գրես, անոնց աչքերուն առջեւ քու ձեռքիդ մէջ պահէ։ Անոնց ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Իսրայէլի որդիները պիտի առնեմ այն ազգերուն մէջէն, ուր գացին։ Զանոնք ամէն կողմէ պիտի հաւաքեմ ու զանոնք իրենց երկիրը պիտի բերեմ։ Զանոնք երկրին մէջ Իսրայէլի լեռներուն վրայ մէկ ազգ պիտի ընեմ ու անոնց ամենուն վրայ մէկ թագաւոր պիտի թագաւորէ ու անգամ մըն ալ երկու ազգ պիտի չըլլան ու երկու թագաւորութեան պիտի չբաժնուին։ Անգամ մըն ալ իրենց կուռքերովն ու գարշութիւններովը եւ իրենց բոլոր յանցանքներովը պիտի չպղծուին։ Ես զանոնք պիտի ազատեմ իրենց բոլոր անօրէնութիւններէն, որոնց մէջ իրենք մեղք գործեցին։ Զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ։ Անոնց վրայ իմ ծառաս Դաւիթը թագաւոր պիտի ըլլայ ու ամէնքը մէկ հովիւ պիտի ունենան։ Իմ հրամաններուս համաձայն պիտի քալեն, իմ օրէնքներս պիտի պահեն ու զանոնք պիտի կատարեն։ Պիտի բնակին այն երկրին մէջ որը իմ Յակոբ ծառայիս տուի, որուն մէջ ձեր հայրերը բնակեցան ու հոն իրենք ու իրենց որդիները եւ իրենց որդիներուն որդիները յաւիտեան պիտի բնակին ու իմ ծառաս Դաւիթը յաւիտեան անոնց իշխան պիտի ըլլայ։ Անոնց հետ խաղաղութեան ուխտ պիտի ընեմ, որը անոնց յաւիտենական ուխտ պիտի ըլլայ։ Զանոնք պիտի տեղաւորեմ ու շատցնեմ եւ իմ սրբարանս անոնց մէջ պիտի դնեմ յաւիտեան։ Իմ խորանս անոնց քով պիտի ըլլայ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ Իմ սրբարանս յաւիտեան անոնց մէջ ըլլալով ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը, որ Իսրայէլը սրբեցի»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ դէպի Մագոգի երկիրը եղող Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխանին՝ Գոգին դարձուր եւ անոր վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ՝ Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխան։ Քեզ պիտի շրջապատեմ եւ քու կզակներուդ կարթեր պիտի անցընեմ ու քեզ եւ քու բոլոր բանակդ պիտի հանեմ, ձիերն ու ձիաւորները, ամէնքն ալ կատարելապէս հագուած եւ վահանաւորներուն ու ասպարաւորներուն մեծ խումբը՝ բոլորն ալ սուր բռնող. Անոնց հետ Պարսիկները, Եթովպիացիներն ու Փուդացիները, ամէնքն ալ ասպարաւոր ու սաղաւարտաւոր, Նաեւ Գոմեր ու անոր բոլոր գունդերը, Թորգոմի տունը հիւսիսի ծայրերէն ու անոր բոլոր գունդերը, շատ ժողովուրդներ, քեզի հետ պիտի հանեմ ’։ ‘Պատրա՛ստ եղիր եւ քեզ ու քու քովդ հաւաքուած բոլոր ժողովուրդը պատրաստէ ու դուն անոնց պահապան եղիր։ Շատ օրերէն ետքը քու զօրքերդ պիտի համրես՝ ՝ ու տարիներ յետոյ պիտի գաս այն երկրին վրայ որ սուրէն ազատուած է եւ այն ժողովուրդին վրայ, որ շատ ազգերէ հաւաքուած է Իսրայէլի լեռներուն վրայ, որոնք մշտնջենապէս աւերակ էին. բայց անոնք ազգերէն հաւաքուելով՝ ապահովութեամբ պիտի բնակին։ Իսկ դուն մրրիկի պէս պիտի ելլես գաս ու երկիրը ծածկելու համար ամպի պէս պիտի ըլլաք, դուն եւ քու բոլոր գունդերդ ու շատ ժողովուրդներ քեզի հետ’»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը քու միտքդ բաներ պիտի գան ու չար խորհուրդ մը պիտի մտածես Ու պիտի ըսես. «Անպարիսպ գիւղերուն երկիրը ելլեմ, հանգստութեան մէջ եղողներուն, ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ երթամ. անոնք անպարիսպ տեղեր կը բնակին եւ նիգեր ու դռներ չունին», Որպէս զի իբր աւար յափշտակես եւ կողոպտես եւ քու ձեռքդ՝ բնակուած եւ աւերուած տեղերու վրայ ու ազգերէն հաւաքուած եւ խաշինք ու ապրանք ստացած ու երկրին բարձր տեղերը բնակող ժողովուրդին վրայ դարձնես։ Սաբան ու Դեդան եւ Թարսիսի վաճառականները ու անոր բոլոր առոյգ առիւծները քեզի պիտի ըսեն. ‘Միթէ աւար յափշտակելո՞ւ եկար. կողոպտելո՞ւ համար քու ժողովուրդդ հաւաքեցիր, որպէս զի արծաթ ու ոսկի վերցնես, խաշինք ու ապրանք առնես, մեծ աւար յափշտակես’։ «Անոր համար մարգարէութիւն ըրէ՛, որդի՛ մարդոյ ու Գոգին ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը, երբ իմ ժողովուրդս Իսրայէլը ապահովութեամբ բնակի՝ դուն պիտի իմանաս Քու տեղէդ՝ հիւսիսի ծայրերէն՝ պիտի գաս, դուն ու քեզի հետ շատ ժողովուրդներ՝ ամէնքը ձիեր հեծած, մեծ բազմութեամբ ու շատ զօրքով Եւ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին վրայ ամպի պէս երկիրը պիտի ծածկես։ Ասիկա վերջին օրերը պիտի ըլլայ ու քեզ իմ երկրիս վրայ պիտի բերեմ, որպէս զի ազգերը զիս ճանչնան, երբ ես անոնց աչքերուն առջեւ քեզմով փառաւորուիմ, ո՛վ Գոգ’»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Դուն անիկա՞ ես, որ քեզի համար ժամանակին՝ այն օրերը ու տարիները մարգարէութիւն ընող Իսրայէլի մարգարէներուն՝ իմ ծառաներուս՝ միջոցով ըսի թէ ‘Քեզ անոնց վրայ պիտի բերեմ’։ ‘Այն օրը, Գոգին Իսրայէլի երկրին վրայ եկած օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, իմ սրտմտութիւնս երեսս պիտի ելլէ։ Իմ նախանձովս, իմ բարկութեանս կրակովը խօսեցայ, որ այն ատեն անշուշտ Իսրայէլի երկրին վրայ մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ. Ծովուն ձուկերն ու երկնքի թռչունները եւ դաշտի գազաններն ու գետնի վրայ սողացող բոլոր սողունները ու երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր մարդիկը իմ երեսէս պիտի խռովին եւ լեռները պիտի փլչին ու ժայռերը գահավէժ պիտի իյնան ու բոլոր պարիսպները գետինը պիտի իյնան։ Անոր դէմ՝ իմ բոլոր լեռներուս վրայ սուրը պիտի կանչեմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Մարդուն սուրը իր եղբօրը վրայ պիտի ըլլայ։ Զայն ժանտախտով ու արիւնով պիտի դատեմ եւ անոր վրայ ու անոր զօրքերուն գունդերուն վրայ ու անոր հետ եղող ժողովուրդներուն վրայ յորդահոս անձրեւ ու կարկուտի քարեր, կրակ ու ծծումբ պիտի տեղան։ Եւ շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը’»։ «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, գոգին վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Գոգ, Ռովսի, Մոսոքի ու Թոբէլի իշխան։ Ես քեզ պիտի շրջապատեմ, քեզ պիտի տանիմ եւ հիւսիսի ծայրերէն քեզ պիտի հանեմ ու քեզ Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի բերեմ։ Քու աղեղդ քու ձախ ձեռքէդ վար պիտի ձգեմ։ Քու նետերդ աջ ձեռքէդ վեր պիտի նետեմ։ Դուն քու բոլոր գունդերովդ ու քեզի հետ եղող ժողովուրդներով Իսրայէլի լեռներուն վրայ պիտի իյնաս։ Քեզ ամէն տեսակ թեւ ունեցող գիշատիչ թռչունի ու դաշտի գազաններու կերակուր պիտի տամ։ Դաշտի երեսին վրայ պիտի իյնաս, վասն զի ես խօսեցայ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Մագոգի վրայ ու կղզիներուն մէջ ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ կրակ պիտի ղրկեմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը։ Եւ իմ սուրբ անունս իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ պիտի ճանչցնեմ ու պիտի չթողում որ անգամ մըն ալ իմ սուրբ անունս պղծուի։ Ազգերը պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը՝ Իսրայէլի մէջ եղող Սուրբը։ Ահա կու գայ ու պիտի կատարուի’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ‘Իմ որոշած օրս ասիկա է։ Իսրայէլի քաղաքներուն բնակիչները պիտի ելլեն ու կրակ պիտի վառեն ու զէնքերը պիտի այրեն։ Ասպարներով, վահաններով, աղեղներով, նետերով, բիրերով ու նիզակներով եօթը տարի կրակ պիտի վառեն։ Դաշտէն փայտ պիտի չբերեն, ո՛չ ալ անտառներէն պիտի կտրեն, հապա զէնքերով կրակ պիտի վառեն։ Զիրենք թալլողները պիտի թալլեն ու զիրենք կողոպտողները պիտի կողոպտեն’, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Այն օրը Իսրայէլի մէջ Գոգին գերեզմանի տեղ պիտի տամ Անցորդներու Ձորը՝ ծովուն արեւելեան կողմը։ Անիկա անցորդները պիտի արգիլէ ու հոն Գոգը ու անոր բոլոր բազմութիւնը պիտի թաղեն եւ զանիկա Գոգի Բազմութեան Ձորը պիտի կոչեն։ Իսրայէլի որդիները երկիրը մաքրելու համար եօթը ամիս զանոնք պիտի թաղեն։ Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը զանոնք պիտի թաղեն։ Ասիկա անոնց անուն մը պիտի ըլլայ այն օրը՝ որպէս զի ես փառաւորուիմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Ու մարդիկ պիտի որոշեն՝ որ շարունակ երկրին մէջ պտըտին ու անցնողներուն հետ՝ երկրի երեսին վրայ մնացածները թաղեն, որպէս զի զանիկա մաքրեն. անոնք եօթը ամիս ետքը պիտի փնտռեն։ Ու երկրին մէջէն անցնողները անցած ատեննին երբ մարդու ոսկոր տեսնեն, քովը նշան մը պիտի դնեն, որպէս զի թաղողները զանիկա Գոգի Բազմութեանը Ձորը թաղեն։ Ու քաղաքին անունն ալ Համոնա պիտի ըլլայ։ Այսպէս երկիրը պիտի մաքրեն։ «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն տեսակ թեւաւոր թռչունի ու դաշտի բոլոր գազաններուն ըսէ՛. ‘Հաւաքուեցէ՛ք ու եկէ՛ք. ձեզի համար կատարած զոհիս, Իսրայէլի լեռներուն վրայ կատարուելու մեծ զոհին։ Ամէն կողմէ մօտեցէ՛ք, որպէս զի միս ուտէք ու արիւն խմէք։ Զօրաւորներուն միսը ուտէք ու երկրի իշխաններուն արիւնը խմէք՝ խոյերու, գառներու, նոխազներու եւ զուարակներու, որոնք Բասանի գէր անասուններն են։ Ձեզի համար կատարած զոհէս՝ մինչեւ որ կշտանաք ճարպ պիտի ուտէք ու մինչեւ որ գինովնաք՝ արիւն պիտի խմէք։ Իմ սեղանիս վրայ ձիերէն ու կառքի անասուններէն, զօրաւորներէն ու ամէն պատերազմող մարդէն պիտի կշտանաք’»։ Տէր Եհովան կ’ըսէ. «Ազգերու մէջ իմ փառքս պիտի դնեմ ու բոլոր ազգերը իմ ըրած դատաստաններս ու անոնց վրայ դրած ձեռքս պիտի տեսնեն։ Ու Իսրայէլի տունը այն օրէն յետոյ պիտի գիտնան թէ իրենց Տէր Աստուածը ես եմ։ Եւ ազգերը պիտի գիտնան թէ Իսրայէլի տունը՝ իրենց անօրէնութեանը եւ ինծի ապստամբ ըլլալնուն համար՝ գերի եղաւ ու ես իմ երեսս անոնցմէ ծածկեցի։ Զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքը տուի ու ամէնքը սուրով ինկան։ Իրենց պղծութեանը համեմատ ու իրենց յանցանքներուն համեմատ իրենց հատուցում ըրի ու իմ երեսս իրենցմէ ծածկեցի’։ Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Հիմա Յակոբը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի ողորմիմ։ Իմ սուրբ անուանս համար նախանձախնդիր պիտի ըլլամ։ Երբ անոնք իրենց երկրին մէջ ապահովութեամբ բնակին ու վախցնող մը չըլլայ, այն ատեն իրենց անարգանքը ու իրենց ինծի դէմ ըրած բոլոր յանցանքները պիտի կրեն։ Երբ զանոնք ժողովուրդներէն դարձնեմ ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրներէն հաւաքեմ, այն ատեն անոնց մէջ շատ ազգերու աչքերուն առջեւ պիտի սրբուիմ Եւ պիտի գիտնան թէ ես եմ անոնց Տէր Աստուածը. որովհետեւ զանոնք ազգերու մէջ գերի քշեցի ու զանոնք նորէն իրենց երկիրը դարձուցի եւ հոն մարդ մը չթողուցի։ Անգամ մըն ալ իմ երեսս անոնցմէ պիտի չծածկեմ, քանզի իմ Հոգիս Իսրայէլի տանը վրայ թափեցի’»։ Մեր գերութեան քսանըհինգերորդ տարուան, առաջին ամսուան տասներորդ օրը, քաղաքին զարնուելուն տասնըչորրորդ տարին, նոյն օրը Տէրոջը ձեռքը իմ վրաս եղաւ ու զիս հոն տարաւ։ Զիս Աստուծոյ տեսիլքներով Իսրայէլի երկիրը տարաւ եւ խիստ բարձր լերան մը վրայ դրաւ։ Հոն՝ հարաւային կողմը՝ քաղաքի մը նման շինուածք մը կար։ Երբ զիս հոն տարաւ, մարդ մը ելաւ, որուն երեւոյթը պղնձի պէս էր եւ որուն ձեռքը քթանէ լար մը ու չափելու համար եղէգ մը կար։ Անիկա դուռը կայներ էր։ Այն մարդը ինծի ըսաւ. ‘Որդի՛ մարդոյ, աչքերովդ տե՛ս ու ականջներովդ լսէ՛ ու բոլոր ցուցուցածներուս ուշադրութիւն ըրէ՛, վասն զի դուն հոս բերուեցար որպէս զի այս բաները քեզի ցուցնեմ, որ տեսածդ Իսրայէլի տանը պատմես’։ Դուրսէն տանը շուրջը պարիսպ մը կար։ Այն մարդուն ձեռքը չափելու համար վեց կանգուն երկայն եղէգ մը կար ( կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ հաշուելով)։ Երբ չափեց պարիսպին լայնութիւնը՝ եղէգ մը ու բարձրութիւնը եղէգ մըն էր։ Անիկա դէպի արեւելք նայող դուռը եկաւ ու աստիճաններուն վրայ ելաւ։ Դրանը մէկ սեմը եղէգ մը լայն էր։ Ամէն մէկ խուցը եղէգ մը երկայն ու եղէգ մը լայն էր ու խուցերուն միջոցը հինգ կանգուն էր։ Դրանը սրահին քով եղող դրանը սեմը ներսէն մէկ կանգուն էր։ Անիկա դրանը սրահը ներսէն մէկ եղէգ չափեց։ Դրանը սրահը ութը կանգուն չափեց ու անոր դրանդիքը երկու կանգուն էր ու դրանը սրահը ներսի կողմէն էր։ Արեւելեան դրանը խուցերը՝ մէկ կողմէն երեք ու միւս կողմէն երեք հատ էին, երեքին չափը նոյնն էր եւ դրանդիքներուն չափը մէկ կողմէն ու միւս կողմէն նոյնն էր։ Դրանը մուտքին լայնութիւնը տասը կանգուն չափեց, դրանը երկայնութիւնը՝ տասներեք կանգուն։ Խուցերուն առջեւ մէկ կողմէն մէկ կանգունի բացուածք ու միւս կողմէն մէկ կանգունի բացուածք մը կար։ Խուցերը մէկ կողմէն՝ վեց կանգուն ու միւս կողմէն վեց կանգուն էին։ Դուռը չափեց՝ մէկ խուցին տանիքէն մինչեւ միւսին տանիքը՝ լայնութիւնը տասնըհինգ կանգուն էր։ Մուտքերը իրարու դէմ էին։ Դրանդիքը վաթսուն կանգուն չափեց մինչեւ դրան շուրջի գաւիթին դրանդիքը։ Մուտքի դրան ճակատէն մինչեւ ներքին գաւիթը յիսուն կանգուն էր։ Խուցերուն եւ անոնց դրանդիքներուն քով, դրանը ներսի կողմէն կլոր վանդակապատ պատուհաններ ունէին։ Սրահներն ալ այսպէս էին։ Ներսի կողմէն կլոր պատուհաններ ունէին եւ դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։ Զիս դուրսի գաւիթը մտցուց եւ հոն ալ սենեակներ ու գաւիթին համար շինուած կլոր սալայատակ մը կար. սալայատակին շուրջը երեսուն սենեակ կար։ Դռներուն քովի սալայատակը դռներուն երկայնութեանը դէմ եղող վարի սալայատակն էր։ Ու անիկա վարի դրանը առջեւէն մինչեւ ներքին սրահին առջեւ դուրսէն՝ դէպի արեւելք ու հիւսիս՝ լայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց։ Եւ դուրսի գաւիթին դէպի հիւսիս նայող դրանը երկայնութիւնը ու լայնութիւնը չափեց։ Մէկ կողմը երեք խուցեր ունէր ու երեք հատ ալ միւս կողմը։ Անոր դրանդիքներն ու սրահները առաջին դրանը չափովն էին։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ Պատուհաններն ու սրահները ու արմաւենիները դէպի արեւելք նայող դրանը չափովն էին։ Եօթը աստիճանով կ’ելլէին այն դուռը, որուն առջեւ էին սրահները։ Ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ հիւսիսային դրանը ու արեւելեան դրանը դէմ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը հարիւր կանգուն չափեց։ Ապա զիս հարաւային կողմը տարաւ։ Հոն ալ դուռ մը կար։ Անոր դրանդիքներն ու սրահները չափեց, որոնք նոյն չափերը ունէին։ Անոր սրահներուն շուրջը նոյն պատուհաններուն պէս պատուհաններ ունէին։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ Այն դուռը ելլելու համար եօթը աստիճան կար։ Անոր սրահները անոնց առջեւ էին։ Անոր դրանդիքներուն վրայ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ կային։ Ներսի գաւիթը դուռ մը ունէր՝ դէպի հարաւ։ Մէկ դռնէն մինչեւ միւս դուռը՝ դէպի հարաւ՝ հարիւր կանգուն չափեց։ Զիս հարաւային դռնէն ներսի գաւիթը մտցուց։ Հարաւային դուռը չափեց, որ նոյն չափերուն համեմատ էր ։ Անոր խուցերն ու դրանդիքներն ու սրահները նոյն չափերը ունէին։ Անոր ու անոր սրահներուն շուրջը պատուհաններ կային։ Անոր երկայնութիւնը յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ Շուրջի սրահները քսանըհինգ կանգուն երկայն ու հինգ կանգուն լայն էին։ Սրահները դէպի դուրսի գաւիթն էին։ Դրանդիքներուն վրայ արմաւենիներ կային։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։ Զիս ներսի գաւիթը տարաւ դէպի արեւելք ու դուռը չափեց, որ նոյն չափերը ունէր։ Անոր խուցերն ու դրանդիքներն ու սրահները նոյն չափերը ունէին։ Անիկա ու անոր սրահները շուրջանակի պատուհաններ ունէին. անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ Անոր սրահները դէպի դուրսի գաւիթն էին։ Անոր դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։ Զիս հիւսիսային դուռը տարաւ ու նոյն չափերուն համեմատ չափեց Խուցերը, դրանդիքներն ու սրահները, որոնց շուրջ պատուհաններ կային։ Անոր երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը քսանըհինգ կանգուն էր։ Անոր դրանդիքները դէպի դուրսի գաւիթն էին ու դրանդիքները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն արմաւենիներ ունէին։ Այն դուռը ելլելու համար ութը աստիճան կար։ Սենեակ մը կար, որուն մուտքը դռներուն քովի դրանդիքներուն մօտ էր։ Ողջակէզը հոն կը լուային։ Դրանը սրահին մէջ մէկ կողմէն՝ երկու սեղան ու միւս կողմէն երկու սեղան կար, որպէս զի անոնց վրայ ողջակէզն ու մեղքի պատարագն ու յանցանքի պատարագը մորթեն։ Եւ հիւսիսային մուտքի դրան դուրսի կողմը՝ երկու սեղան ու միւս կողմը եղող դրանը սրահին մէջ երկու սեղան կար։ Դրանը քով մէկ կողմէն չորս սեղան ու միւս կողմէն չորս սեղան կար, բոլորը ութը սեղան։ Անոնց վրայ կը մորթէին։ Չորս սեղանները, որոնք ողջակէզի համար էին, տաշուած քարէ մէկ ու կէս կանգուն երկայն ու մէկ ու կէս կանգուն լայն ու մէկ կանգուն բարձր էին։ Ողջակէզն ու զոհը մորթելու գործիքները անոնց վրայ կը դնէին։ Ներսէն կլոր չորս մատնաչափ եզերք մը՝ ՝ շինուած էր ու սեղաններուն վրայ զոհին միսը կը դրուէր ։ Ներսի դրանը դուրսի կողմը, հիւսիսային դրանը քով եղող ներսի գաւիթին մէջ, երգողներուն համար սենեակներ կային։ Անոնց երեսը դէպի հարաւ էր։ Մէկը արեւելեան դրանը քով էր ու երեսը դէպի հիւսիս էր։ Ինծի ըսաւ. «Այն սենեակը, որ դէպի հարաւ կը նայի, տանը պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։ Այն սենեակը, որ դէպի հիւսիս կը նայի, սեղանին պահպանութիւնը ընող քահանաներուն համար է։ Անոնք Սադովկի որդիներն են, որոնք Ղեւիի որդիներէն Տէրոջը կը մօտենան՝ անոր ծառայութիւն ընելու համար։ Գաւիթը չափեց, որուն երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը հարիւր կանգուն էր։ Անիկա քառակուսի էր։ Սեղանը տանը առջեւ էր։ Զիս տանը սրահը տարաւ։ Սրահին դրանդիքները չափեց՝ հինգ կանգուն մէկ կողմէն ու հինգ կանգուն միւս կողմէն էր։ Դրանը լայնութիւնը մէկ կողմէն երեք կանգուն ու միւս կողմէն երեք կանգուն էր։ Սրահին երկայնութիւնը՝ քսան կանգուն ու լայնութիւնը տասնըմէկ կանգուն էր։ Հոն [տասը] աստիճաններով կ’ելլէին։ Դրանդիքներուն քով երկու սիւներ կային։ Մէկը՝ մէկ կողմէն, միւսն ալ՝ միւս կողմէն։ Զիս տաճարը տարաւ ու անոր դրանդիքները չափեց։ Մէկ կողմէն վեց կանգուն լայն ու միւս կողմէն վեց կանգուն լայն էր, խորանին լայնութեանը համեմատ։ Դրանը լայնութիւնը տասը կանգուն էր։ Դրանը քովերը մէկ կողմէն հինգ կանգուն ու միւս կողմէն հինգ կանգուն էին։ Անոր երկայնութիւնը՝ քառասուն կանգուն ու լայնութիւնը քսան կանգուն չափեց։ Ներս մտաւ եւ դրանը դրանդիքները՝ երկու կանգուն ու դուռը վեց կանգուն չափեց ու դրանը լայնութիւնը՝ եօթը կանգուն էր։ Անոր երկայնութիւնը չափեց քսան կանգուն ու լայնութիւնը՝ քսան կանգուն, տաճարին լայնութեան համեմատ ու ինծի ըսաւ. ‘Ասիկա է Սրբութիւն Սրբութեանցը’։ Տանը պատը՝ վեց կանգուն ու տանը բոլորտիքը եղող սենեակներուն լայնութիւնը չորս կանգուն չափեց։ Սենեակները իրարու վրայ էին երեք դստիկոնով ու թիւով՝ երեսուն եւ անոնց գերանները կը մտնէին տաճարին այն պատին մէջ, որ սենեակներուն համար շինուած էր բոլորակաձեւ, որպէս զի անոր կռթնին, բայց տանը պատին չէին կռթնիր։ Սենեակները ելլելու համար՝ շրջանակաւոր սանդուխ մը կար վեր ելլելու համար, որ տանը բոլորտիքը կը դառնար։ Երթալով տունը կը լայննար եւ այսպէս վարի դստիկոնէն վերի դստիկոնը միջին դստիկոնէն կ’ելլէին։ Ու բոլորակաձեւ տանը բարձրութիւնը տեսայ. սենեակներուն հիմերը ամբողջ մէկ եղէգ, այսինքն վեց մեծ կանգուն էին։ Սենեակներուն պատին լայնութիւնը դուրսէն հինգ կանգուն էր ու մնացածը սենեակներուն ներսի կողմն էր։ Դուրսի սենեակներուն մէջտեղը, տանը բոլորտիքը, քսան կանգուն լայն միջոց մը կար։ Սենեակներուն մուտքերը մնացած տեղին կը նայէին. մուտքին մէկը՝ դէպի հիւսիս եւ մուտքին միւսը դէպի հարաւ կը նայէր։ Մնացած տեղին լայնութիւնը շրջանակաձեւ հինգ կանգուն էր։ Զատուած տեղին առջեւ, դէպի արեւմտեան ծայրը եղող շէնքին լայնութիւնը եօթանասուն կանգուն էր ու շէնքին պատը շրջանակաձեւ հինգ կանգուն լայն ու երկայնութիւնը իննիսուն կանգուն էր։ Տանը երկայնութիւնը հարիւր կանգուն չափեց ու զատուած տեղը ու շէնքը իր պատերովը հարիւր կանգուն երկայն էր։ Տանը ու զատուած տեղին երեսը դէպի արեւելք հարիւր կանգուն լայն էր։ Տանը ետեւի կողմէն՝ զատուած տեղին առջեւի շէնքին երկայնութիւնը եւ անոր սիւնազարդ սրահները մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, ներքին տաճարին ու գաւիթին սրահներուն հետ, հարիւր կանգուն չափեց։ Դրանը սեմերն ու վանդակապատ պատուհանները եւ շրջանակաձեւ այն երեք շէնքերուն սեմերուն դէմ եղող սիւնազարդ սրահները ամէն կողմէն տախտակով շինուած էին՝ գետնէն մինչեւ պատուհանները։ Պատուհանները ծածկուած էին։ Դրանը վերեւ՝ մինչեւ ներքին տունը եւ դուրսէն ու բոլոր պատը շրջանակաձեւ էին ներսէն ու դուրսէն, իրենց չափերովը։ Այս տախտակամածին վրայ քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին։ Երկու քերովբէներուն մէջտեղ արմաւենի մը ու ամէն մէկ քերովբէն երկու երես ունէր։ Այսինքն մէկ կողմը դէպի արմաւենին մարդու երես ու միւս կողմը դէպի արմաւենին առոյգ առիւծի երես։ Բոլոր տանը շուրջի քանդակը այսպէս էր։ Յատակէն մինչեւ դրանը վերեւը քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, նոյնպէս ալ տաճարին պատին վրայ ։ Տաճարին դրանդիքները քառակուսի էին։ Սրբարանին երեսը, մէկուն երեւոյթը միւսին երեւոյթին պէս էր։ Փայտէ սեղանը երեք կանգուն բարձր էր։ Երկայնութիւնը երկու կանգուն էր եւ իր անկիւնները իրմէ էին։ Անոր երկայնութիւնը ու քովերը փայտէ էին։ Առաջնորդս ինծի ըսաւ. ‘Ասիկա է Տէրոջը առջեւ եղող սեղանը’։ Տաճարն ու սրբարանը երկու դուռ ունէին։ Դռները երկերկու փեղկ ունէին։ Փեղկերը երկուքի կը ծալլուէին։ Երկու փեղկ մէկը ունէր ու երկու փեղկ՝ միւսը։ Անոնց եւ տաճարին դռներուն վրայ, պատերուն վրայի քանդակուածին պէս քերովբէներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին։ Դուրսէն սրահին երեսը փայտէ սանդուխ մը կար։ Սրահին քովերը ու տանը սենեակներուն մէջ եւ սանդուխներուն վրայ, մէկ կողմէն ու միւս կողմէն վանդակապատ պատուհաններ ու արմաւենիներ կային։ Անկէ ետքը զիս դէպի հիւսիս եղող ճամբովը արտաքին գաւիթը հանեց եւ զիս զատուած տեղին դէմը եղող ու դէպի հիւսիս նայող շէնքին առջեւի սենեակները տարաւ։ Այս սենեակներուն հիւսիսային մուտքին առջեւի երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը յիսուն կանգուն էր։ Ներսի գաւիթին քսան կանգուն ին դէմ ու դուրսի գաւիթին սալայատակին դէմ, իրարու առջեւ, երեք դստիկոնով սիւնազարդ սրահներ կային։ Սենեակներուն առջեւ՝ ներսէն տասը կանգուն լայն ճեմելիք մը ու մէկ կանգուն ճամբայ մը կար։ Անոնց դռները դէպի հիւսիս էին։ Վերի սենեակները նեղ էին, վասն զի սիւնազարդ սրահները անոնցմէ, այսինքն շէնքին վարի ու միջին սենեակներէն, հեռու էին։ Քանզի անոնք երեք դստիկոն էին ու գաւիթներուն սիւներուն պէս սիւներ չունէին։ Անոր համար գետնէն, այսինքն վարի ու միջին սենեակներէն աւելի կը նեղնային։ Սենեակներուն դէմ, դուրսի գաւիթին կողմը, սենեակներուն առջեւի դուրսի պատին երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր, Նայնպէս դուրսի գաւիթը նայող սենեակներուն երկայնութիւնը յիսուն կանգուն էր, իսկ տաճարին առջեւ հարիւր կանգուն էր։ Այս սենեակներուն տակէն, դուրսի գաւիթէն անոնց երթալու համար արեւելեան կողմէն, մուտք մը կար։ Գաւիթին պարսպին լայնութեանը մէջ դէպի արեւելք, զատուած տեղին ու շէնքին առջեւ սենեակներ կային։ Անոնց առջեւ ճամբայ մը կար հիւսիսային սենեակներուն երեւոյթին պէս, թէ՛ անոնց երկայնութեանը, թէ՛ անոնց լայնութեանը եւ թէ՛ անոնց բոլոր ելքերուն եւ անոնց ձեւերուն ու դռներուն կողմէ։ Նոյնպէս էին հարաւային սենեակներուն մուտքերը։ Ճամբուն գլուխը մուտք մը կար, այսինքն արեւելեան ճամբուն բերանը՝ պատին առջեւի շիտակ ճամբան։ Ինծի ըսաւ. «Զատուած տեղին առջեւ եղող հիւսիսային կողմի սենեակները ու հարաւային կողմի սենեակները սուրբ սենեակներն են ուր Տէրոջը մօտեցող քահանաները ամենասուրբ բաները պիտի ուտեն։ Հոն պիտի դնեն ամենասուրբ բաները ու հացի ընծան ու մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը, քանզի այն տեղը սուրբ է։ Երբ քահանաները հոն մտնեն, սուրբ տեղէն դուրսի գաւիթը պիտի չելլեն, հապա իրենց պաշտօնի զգեստները հոն պիտի թողուն, վասն զի անոնք սուրբ են եւ ուրիշ հանդերձներ հագնելով՝ ժողովուրդին վերաբերեալ բաներուն պիտի մօտենան»։ Երբ ներքին տունը չափեց լմնցուց, զիս դէպի արեւելք նայող դուռը հանեց ու զայն ամէն կողմէն չափեց։ Արեւելեան կողմը չափի եղէգով՝ շրջանակաձեւ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ Հիւսիսային կողմն ալ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ Հարաւային կողմն ալ հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ Արեւմտեան կողմը դարձաւ ու հինգ հարիւր եղէգ չափեց։ Զանիկա չորս կողմէն չափեց. անիկա հինգ հարիւր եղէգ երկայն ու հինգ հարիւր եղէգ լայն էր ու պարիսպ ունէր՝ սուրբ ու անսուրբ տեղերը իրարմէ զատելու համար։ Զիս դէպի արեւելք նայող դուռը տարաւ։ Ահա արեւելեան ճամբայէն Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը կու գար ու անոր ձայնը շատ ջուրերու ձայնին պէս էր ու երկիրը անոր փառքէն լուսաւորուեցաւ։ Տեսած տեսիլքս նման էր այն տեսիլքին, որ տեսայ երբ քաղաքը կործանելու եկայ։ Այս տեսիլքները Քոբար գետին քով տեսած տեսիլքիս պէս էին։ Երեսիս վրայ ինկայ Եւ Տէրոջը փառքը դէպի արեւելք նայող դրանը ճամբայէն տունը մտաւ։ Հոգին զիս վերցուց եւ ներքին գաւիթը տարաւ։ Տէրոջը փառքը տունը լեցուցեր էր։ Ձայն մը լսեցի, որ տաճարէն ինծի կը խօսէր (ու իմ քովս մարդ մը կայներ էր) Ու ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի որդիներուն մէջ յաւիտեան բնակելու աթոռիս տեղը եւ իմ ոտքերուս գարշապարներուն տեղը ասիկա է ։ Իսրայէլի տունը իրենք ու իրենց թագաւորները, իրենց պոռնկութիւններովը ու իրենց թագաւորներուն դիակներովը իրենց բարձր տեղերուն մէջ ա՛լ իմ սուրբ անունս պիտի չպղծեն։ Վասն զի իրենց սեմերը իմ սեմերուս ու իրենց դրանդիքը իմ դրանդիքներուս մօտ դրին, այնպէս որ իմ ու անոնց մէջտեղ միայն պատ մը մնաց։ Իրենց ըրած գարշութիւններովը իմ սուրբ անունս պղծեցին. ես ալ իմ բարկութիւնովս խորտակեցի զանոնք։ Հիմա թող իրենց պոռնկութիւնը ու իրենց թագաւորներուն դիակները ինծմէ հեռացնեն, այն ատեն յաւիտեան անոնց մէջ պիտի բնակիմ»։ «Դո՛ւն, որդի՛ մարդոյ, Իսրայէլի տանը նկարագրէ՛ այս տաճարը, անոր երեւոյթը եւ յատակագիծը, որպէս զի ամչնան իրենց անօրէնութիւններէն։ Եթէ իրենց բոլոր ըրածներէն ամչնան, այն ատեն նկարագրէ՛ տաճարը, անոր կարգն ու սարքը, անոր մուտքն ու ելքը ու բոլոր ձեւերը եւ ծանօթացուր բոլոր կանոններն ու օրէնքները եւ գրէ՛ անոնց աչքերուն առջեւ, որպէս զի պահեն ու կատարեն զանոնք։ Այս է տաճարին օրէնքը։ Անոր բոլոր սահմանը շրջանակաձեւ լերանը գլխուն վրայ ամենասուրբ պիտի ըլլայ. ահա տաճարին օրէնքը ասիկա է։ Ասոնք են սեղանին չափերը կանգունով (կանգունը մէկ կանգուն ու չորս մատնաչափ է). խոր տեղը մէկ կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն եւ անոր սահմանը՝ անոր եզերքին վրայ՝ շուրջանակի մէկ թիզ պիտի ըլլայ։ Այս պիտի ըլլայ սեղանին հիմը։ Ու գետնին խոր տեղէն մինչեւ վարի շրջանակը երկու կանգուն, անոր լայնութիւնը մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։ Կրակարանը չորս կանգուն բարձր պիտի ըլլայ։ Կրակարանէն վեր չորս եղջիւր պիտի ըլլայ։ Կրակարանը տասներկու կանգուն երկայն ու տասներկու կանգուն լայն, չորս կողմն ալ հաւասար ըլլալով ՝ քառակուսի պիտի ըլլայ։ Անոր բոլորտիքը եղող շրջանակը տասնըչորս կանգուն երկայն ու տասնըչորս կանգուն լայն պիտի ըլլայ։ Բոլորտիքը եղող սահմանը կէս կանգուն ու խոր տեղը շուրջանակի մէկ կանգուն պիտի ըլլայ։ Անոր աստիճանները դէպի արեւելք պիտի ըլլան»։ Ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ասոնք պիտի ըլլան սեղանին կանոնները՝ այն օրը որ զանիկա շինեն անոր վրայ ողջակէզներ մատուցանելու ու արիւն սրսկելու համար։ Սադովկի սերունդէն եղող Ղեւտացի քահանաներուն, որոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան, դուն անոնց մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը պիտի տաս։ Անոր արիւնէն պիտի առնես ու սեղանին չորս եղջիւրներուն վրայ ու շրջանակին ու անոր սահմանին վրայ պիտի դնես։ Զանիկա պիտի սրբես եւ անոր համար քաւութիւն պիտի ընես։ Մեղքի պատարագին զուարակը պիտի առնես եւ սրբարանէն դուրս՝ տաճարին որոշուած տեղը պիտի այրես։ Ու երկրորդ օրը մեղքի պատարագի համար այծերէն անարատ նոխազ մը պիտի մատուցանես։ Սեղանը պիտի սրբես՝ ինչպէս զուարակով սրբեցիր։ Երբ սրբելը լմնցնես, արջառներէն անարատ զուարակ մը ու ոչխարներէն անարատ խոյ մը պիտի մատուցանես։ Զանոնք Տէրոջը առջեւ պիտի մօտեցնես ու քահանաները անոնց վրայ աղ պիտի ցանեն ու զանոնք Տէրոջը իբր ողջակէզ պիտի ընեն։ Եօթը օր մեղքի պատարագի համար՝ օրը մէկմէկ նոխազ պիտի մատուցանես։ Նաեւ արջառներէն զուարակ մը ու ոչխարներէն խոյ մը պիտի մատուցանես, որոնք անարատ պէտք է ըլլան ։ Եօթը օր սեղանին քաւութիւն պիտի ընես եւ զանիկա սրբես ու նուիրես։ Երբ այն օրերը լմննան, ութերորդ օրը քահանաները սեղանին վրայ ձեր ողջակէզները ու ձեր խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ’», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Զիս սրբարանին դէպի արեւելք նայող դուրսի դրանը ճամբան դարձուց։ Անիկա գոց էր։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս դուռը գոց պիտի մնայ, պիտի չբացուի, անկէ մարդ պիտի չմտնէ. քանզի անկէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը մտաւ, անոր համար գոց պիտի մնայ։ Անիկա իշխանին համար պիտի ըլլայ, հոն միայն իշխանը պիտի նստի Տէրոջը առջեւ հաց ուտելու համար։ Անիկա սրահին դրանը ճամբայէն պիտի մտնէ ու նոյն ճամբայէն պիտի ելլէ»։ Զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն տանը առջեւ տարաւ։ Տեսայ թէ Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր. ուստի երեսիս վրայ ինկայ։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէրոջը տանը բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր օրէնքներուն վրայով քեզի ըսածներս միտքդ պահէ՛։ Աչքերովդ տե՛ս եւ ականջներովդ լսէ՛։ Տանը մուտքերը ու սրբարանին բոլոր ելքերը աղէկ դիտէ՛ Եւ ապստամբներուն՝ Իսրայէլի տանը՝ ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ալ հերիք է ձեզի ձեր բոլոր պղծութիւնները, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Որ դուք սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ օտարազգիներ մօտեցուցիք, որ իմ սրբարանիս մէջ մտնեն ու իմ տունս պղծեն, երբ դուք իմ հացս, ճարպն ու արիւնը կը մատուցանէիք։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն զատ անոնք իմ ուխտս խափանեցին։ Իմ սուրբ բաներուս պահպանութիւն չըրիք, հապա իմ սրբարանիս մէջ ձեր ուզածին պէս պահապաններ դրիք’»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիներուն մէջ եղող բոլոր օտարազգիներէն՝ սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ ոեւէ օտարազգի իմ սրբարանս պիտի չմտնէ։ Մանաւանդ Ղեւտացիները, որոնք ինծմէ հեռացան, երբ Իսրայէլի որդիները ինծմէ մոլորեցան ու իրենց կուռքերուն ետեւէն գացին, ուստի իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։ Իմ սրբարանիս մէջ տանը դռները որոշուած սպասաւորներ ու տաճարին սպասաւորներ պէտք է գտնուին, որպէս զի ժողովուրդին համար ողջակէզներ ու զոհեր մորթեն ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար անոնց առջեւ կայնին։ Որովհետեւ անոնց կուռքերուն առջեւ ծառայութիւն ըրին ու Իսրայէլի տանը գայթակղութեան ու անօրէնութեան պատճառ եղան, անոր համար անոնց վրայ իմ ձեռքս վերցուցի։ Անոնք իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։ Ինծի պիտի չմօտենան քահանայութիւն ընելու ու իմ բոլոր սուրբ բաներուս եւ ամենասուրբ բաներուս պիտի չմօտենան, հապա իրենց անարգանքը ու իրենց պղծութիւնները պիտի կրեն։ Սակայն զանոնք տանը վրայ պահապան պիտի դնեմ անոր ծառայելու ու անոր մէջ եղած բոլոր գործերուն համար»։ «Բայց Ղեւտացի քահանաները, այսինքն Սադովկի որդիները, որոնք իմ սրբարանիս պահպանութիւնը կատարեցին երբ Իսրայէլի որդիները ինծմէ մոլորեցան, անոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան եւ ճարպն ու արիւնը ինծի մատուցանելու համար անոնք իմ առջեւս պիտի կայնին», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Անոնք իմ սրբարանս պիտի մտնեն ու ինծի ծառայութիւն ընելու համար պիտի մօտենան իմ սեղանիս եւ պահպանութիւն պիտի ընեն։ Երբ ներսի գաւիթին դռներէն մտնեն՝ կտաւէ զգեստներ պիտի հագնին ու ներսի գաւիթին դռները ու ներսը ծառայութիւն ըրած ատեննին իրենց վրայ բուրդ պիտի չհագնին։ Իրենց գլուխներուն վրայ կտաւէ ապարօշ թող կրեն ու մէջքերնին կտաւէ վարտիքներ թող ունենան։ Քրտնցնող բան պիտի չհագնին։ Երբ դուրսի գաւիթը ժողովուրդին ելլեն, իրենց պաշտամունքին զգեստները թող հանեն ու զանոնք սուրբ սենեակներուն մէջ դնեն եւ ուրիշ զգեստներ հագնին, որպէս զի իրենց զգեստներովը ժողովուրդը չսրբեն։ Գլուխնին թող չածիլեն, ո՛չ ալ մազերնին երկնցնեն, հապա միայն գլուխին մազերը կարճցնեն։ Ոեւէ քահանա գինի պէտք չէ խմէ, երբ ներքին գաւիթը մտնէ։ Որբեւարին կամ արձակուածը իրենց կին պէտք չէ առնեն, հապա Իսրայէլի սերունդէն եղող կոյսը կամ քահանայէ մը որբեւարի մնացած կինը առնեն։ Իմ ժողովուրդիս՝ սուրբ ու անսուրբ բաներուն տարբերութիւնը պէտք է սորվեցնեն եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը անոնց գիտցնեն։ Ու դատերու ատեն անոնք պէտք է կենան դատաստան ընելու համար ու իմ օրէնքներուս համեմատ զանոնք դատեն։ Իմ բոլոր տօներուս մէջ իմ օրէնքներս ու կանոններս պիտի պահեն ու շաբաթներս սրբեն։ Եւ մարդու մեռելի քով պիտի չերթան՝ որ չանմաքրուին. հապա միայն հօր, կամ մօր, կամ տղու, կամ աղջկայ, կամ եղբօր, կամ չամուսնացած քրոջ քով կրնան երթալ։ Մէկուն սրբուելէն ետքը եօթը օր պիտի հաշուեն։ Անիկա սրբարանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար ներսի գաւիթը՝ սրբարանը մտած օրը՝ իր մեղքի պատարագը թող մատուցանէ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ Ասիկա անոնց ժառանգութիւն պիտի չըլլայ։ Անոնց ժառանգութիւնը ես եմ ու Իսրայէլի մէջ անոնց կալուած մի՛ տաք։ Անոնց կալուածը ես եմ։ Հացի ընծան ու մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը պիտի ուտեն։ Իսրայէլին տրուած ամէն նուէր անոնց պիտի ըլլայ։ Ամէն բանի երախայրիները ու ձեր բոլոր ընծաները քահանային պիտի ըլլան։ Ձեր գործերուն երախայրին քահանային պիտի տաք, որպէս զի ձեր տանը վրայ օրհնութիւն բերէք։ Քահանաները բնաւ ինքնիրեն մեռած կամ գազաններէ մեռցուած անասունի միս պիտի չուտեն, թռչուն ըլլայ կամ չորքոտանի։ Ու երբ երկիրը վիճակով իբր ժառանգութիւն բաժնէք, երկրէն քսանըհինգ հազար եղէգ երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ սուրբ ընծայ մատուցանեցէք Տէրոջը. ասիկա իր շուրջի բոլոր սահմաններուն մէջ սուրբ ըլլայ։ Ասկէ քառակուսի չափուած՝ հինգ հարիւրով հինգ հարիւր սրբարանին համար պիտի ըլլայ։ Անիկա շուրջը յիսուն կանգուն արուարձան ունենալու է։ Այս չափով՝ երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար ու լայնութիւնը տասը հազար չափէ, որուն մէջ պիտի ըլլայ սրբարանը, այսինքն՝ ամենասուրբ տեղը։ Ասիկա Տէրոջը ծառայութեան համար մօտեցող սրբարանի պաշտօնեաներուն, քահանաներուն համար՝ սուրբ պիտի ըլլայ, որպէս զի անոնց՝ տուներու համար տեղ մը սրբարանին համար սուրբ տեղ մը ըլլայ։ Տանը ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ ու տասը հազար լայնութեամբ կալուած պէտք է ունենան, նաեւ ՝ քսան սենեակ։ Եւ հինգ հազար լայնութեամբ ու քսանըհինգ հազար երկայնութեամբ՝ քաղաքին կալուածը պիտի տաք սրբարանին ընծային հետ. ասիկա բոլոր Իսրայէլի տանը պիտի պատկանի։ Իշխանին կալուածը ՝ սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն, սուրբ ընծային եւ քաղաքին կալուածին դէմ դէպի արեւմուտք ու դէպի արեւելք պէտք է ըլլայ։ Երկայնութիւնը արեւմտեան սահմանէն մինչեւ արեւելեան սահմանը միւս բաժիններէն մէկուն հետ հաւասար պէտք է ըլլայ։ Իսրայէլի երկրէն ասիկա անոր կալուած թող ըլլայ։ Իմ իշխաններս անգամ մըն ալ իմ ժողովուրդս պէտք չէ հարստահարեն։ Մնացած երկիրը Իսրայէլի տանը պիտի տրուի իրենց ցեղերուն համեմատ։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ա՛լ հերիք է ձեզի, ո՛վ Իսրայէլի իշխաններ։ Զրկանքն ու յափշտակութիւնը վերցուցէ՛ք եւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրէ՛ք։ Իմ ժողովուրդէս ձեր բռնի պահանջները վերցուցէ՛ք։ Ձեր կշիռքները արդար, ձեր արդուն՝ արդար ու ձեր մարը արդար պէտք է ըլլայ։ Արդուն ու մարը մէկ չափ ըլլալու են, որպէս զի մարը քոռին մէկ տասներորդը պարունակէ ու արդուն ալ քոռին մէկ տասներորդը։ Քոռին նայելով պիտի ըլլայ անոնց չափը։ Սիկղը քսան կերատ պիտի ըլլայ։ Ձեր մնասը քսան սիկղ, քսանըհինգ սիկղ, տասնըհինգ սիկղ պիտի ըլլայ։ «Ձեր մատուցանելու ընծան այսպէս ըլլալու է՝ ցորենի քոռէն արդուին մէկ վեցերորդ մասը ու գարիի քոռէն արդուին մէկ վեցերորդ մասը։ Իւղին կանոնը ասիկա ըլլայ ՝ իւղին մարէն՝ մարին մէկ տասներորդը ամէն քոռէն, այսինքն ամէն խօմէրէն, որ տասը մար կը պարունակէ, վասն զի տասը մարը մէկ խօմէր է։ Իսրայէլի ջրարբի արօտներուն հօտերէն՝ երկու հարիւրէն մէկ ոչխար։ Ասոնք պիտի մատուցանեն իբրեւ հացի ընծայ ու ողջակէզ եւ խաղաղութեան զոհ, որպէս զի իրենց համար քաւութիւն ըլլայ», կ՛ըսէ Տէր Եհովան։ Երկրին բոլոր ժողովուրդը այս ընծան Իսրայէլի իշխանին տալու պարտաւոր պէտք է ըլլան։ Տօներու ու ամսագլուխներու ու շաբաթներու մէջ, Իսրայէլի տանը ամէն հանդիսաւոր օրերուն մէջ, ողջակէզները ու հացի ընծան եւ ըմպելի նուէրը իշխանը պիտի առնէ։ Մեղքի պատարագն ու հացի ընծան ու ողջակէզը եւ խաղաղութեան զոհը անիկա պիտի մատուցանէ՝ Իսրայէլի տանը քաւութիւն ընելու համար։ Տէր Եհովան այսպէս կ՛ըսէ. «Առաջին ամսուան առաջին օրը արջառներէն մէկ անարատ զուարակ առ եւ սրբարանը մաքրէ՛։ Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն պիտի առնէ եւ տանը դրանդիքներուն վրայ ու սեղանին շրջանակին չորս անկիւններուն վրայ եւ ներքին գաւիթին դրանը դրանդիքներուն վրայ պիտի քսէ։ Ամսուան եօթներորդ օրն ալ սխալած կամ անմիտ մարդու համար այնպէս ըրէ՛, որպէս զի տանը համար քաւութիւն ըլլայ»։ Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը ձեզի զատիկ ըլլայ։ Եօթը օր տօն պիտի պահուի ու բաղարջ պիտի ուտուի։ Այն օրը իշխանը իրեն համար ու երկրին բոլոր ժողովուրդին համար զուարակ մը պիտի մատուցանէ իբրեւ մեղքի պատարագ։ Տօնին եօթը օրը Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէ։ Այն եօթը օրուան մէջ՝ օրը եօթը զուարակ ու եօթը անարատ խոյ։ Ամէն օր այծերէն մէկ նոխազ՝ իբրեւ մեղքի պատարագ։ Իւրաքանչիւր զուարակին համար՝ մէկ արդու եւ իւրաքանչիւր խոյի համար՝ մէկ արդու հացի ընծայ։ Իւրաքանչիւր արդուի համար մէկ հիմէն իւղ պիտի մատուցանէ։ Նոյնպէս ալ եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը. տօնին ատենը եօթը օր այս մեղքի պատարագին, ողջակէզին, հացի ընծային ու իւղին պէս պիտի մատուցանէ։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ներքին գաւիթին դէպի արեւելք նայող դուռը գործի վեց օրերը գոց պիտի ըլլան. միայն շաբաթ օրն ու ամսագլխուն պիտի բացուի։ Իշխանը այս դրանը դուրսէն սրահին ճամբայէն պիտի մտնէ, դրանը դրանդիքներուն քով պիտի կայնի։ Քահանաները անոր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհերը պիտի մատուցանեն։ Անիկա դրանը սեմին վրայ երկրպագութիւն պիտի ընէ ու ելլէ։ Այն դուռը մնչեւ իրիկուն պիտի չգոցուի։ Ու երկրին ժողովուրդը շաբաթ օրերը ու ամսագլուխները Տէրոջը առջեւ այս դրանը մուտքին մէջ երկրպագութիւն պիտի ընեն»։ Իշխանին շաբաթ օրը Տէրոջը մատուցանելու ողջակէզը վեց անարատ գառ ու մէկ անարատ խոյ ըլլալու է։ Եւ խոյին համար իբր հացի ընծայ մէկ արդու ու գառներուն համար իբր հացի ընծայ ձեռքէն եկածը եւ ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ մատուցանելու է ։ Ու ամսագլխուն՝ արջառներէն մէկ անարատ զուարակ ու վեց գառ ու մէկ խոյ, որոնք անարատ պէտք է ըլլան։ Եւ զուարակին համար մէկ արդու եւ խոյին համար մէկ արդու հացի ընծայ մատուցանելու է ու գառներուն համար՝ ինչ որ ձեռքէն կու գայ եւ ամէն մէկ արդուի համար՝ մէկ հիմէն իւղ։ Երբ իշխանը գայ՝ դրանը սրահին ճամբէն պէտք է մտնէ եւ նոյն ճամբէն ելլէ։ Երկրին ժողովուրդը, եթէ հանդիսաւոր օրերու մէջ երկրպագութիւն ընելու համար Տէրոջը առջեւ գան, հիւսիսային դրանը ճամբայէն մտնողը հարաւային դրանը ճամբայէն պէտք է ելլէ ու հարաւային դրանը ճամբայէն մտնողը հիւսիսային դրանը ճամբայէն պէտք է ելլէ։ Մտած դրանը ճամբայէն թող չդառնան, հապա անոր դիմացի դռնէն ելլեն։ Իշխանը անոնց մտած ատենը անոնց հետ թող մտնէ ու անոնց ելած ատենը անոնց հետ թող ելլէ։ Տօներու մէջ ու հանդիսաւոր օրերու մէջ հացի ընծան ամէն զուարակի համար արդու մը եւ ամէն խոյի համար արդու մը պիտի ըլլայ, իսկ գառներուն համար՝ ձեռքէն եկածը։ Ամէն մէկ արդուի համար մէկ հիմէն իւղ ըլլալու է։ Եթէ իշխանը կամաւոր ողջակէզ մը կամ կամաւոր խաղաղութեան զոհ մը Տէրոջը մատուցանելու ըլլայ, դէպի արեւելք նայող դուռը թող բանան։ Անիկա իր ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհը պէտք է մատուցանէ՝ ինչպէս շաբաթ օրը կը մատուցանէ ու ապա ելլէ եւ անոր ելլելէն ետքը դուռը պէտք է գոցեն։ Ամէն օր մէկ տարեկան անարատ գառնուկ մը Տէրոջը ողջակէզ մատուցանէ Եւ անոր հետ ամէն առտու արդուին մէկ վեցերորդ մասը հացի ընծայ մատուցանէ՛ ու հիմէնին մէկ երրորդ մասը իւղ՝ նաշիհին հետ խառնելու համար. ասիկա յաւիտենական կանոնով Տէրոջը մշտնջենաւոր հացի ընծայ պիտի ըլլայ ։ Գառնուկն ու հացի ընծան ու իւղը ամէն առտու պէտք է մատուցանեն, որպէս մշտնջենական ողջակէզ։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Երբ իշխանը իր որդիներէն մէկուն պարգեւ տայ, այդ անոր որդիներուն ժառանգութիւն պիտի ըլլայ. անիկա ժառանգական կալուած մը պիտի ըլլայ անոնց։ Իսկ երբ ժառանգութենէն իր ծառաներէն մէկուն պարգեւ տայ, այն ատեն անիկա մինչեւ թողութեան տարին անորը պէտք է ըլլայ, բայց ետքը իշխանին պէտք է դառնայ, վասն զի իշխանին ժառանգութիւնը միայն իր որդիներուն պիտի ըլլայ։ Իշխանը ժողովուրդին ժառանգութենէն բան մը կտրելու չէ, զանոնք իրենց կալուածէն զրկելով։ Ան իր սեփական կալուածէն տալու է իր որդիներուն ժառանգութիւնը, որպէս զի իր ժողովուրդէն ոեւէ մէկը իր կալուածէն չզրկուի»։ Ապա զիս դրանը քով եղող մուտքէն քահանաներուն դէպի հիւսիս նայող սուրբ սենեակները տարաւ։ Հոն ետեւէի կողմերը դէպի արեւմուտք տեղ մը կար Ու ինծի ըսաւ. «Ասիկա այն տեղն է, ուր քահանաները յանցանքի պատարագին ու մեղքի պատարագին միսը պիտի խաշեն ու հոն հացի ընծան պիտի եփեն, որ չըլլայ թէ դուրսի գաւիթը հանեն ու ժողովուրդը սրբեն»։ Յետոյ զիս դուրսի գաւիթը հանեց ու գաւիթին չորս անկիւններէն անցուց։ Գաւիթին ամէն մէկ անկիւնը մէկմէկ գաւիթ կար։ Գաւիթին չորս անկիւններուն մէջ քառասուն կանգուն երկայնութեամբ ու երեսուն՝ լայնութեամբ բոլորակաձեւ գոցուած՝ ՝ գաւիթներ կային. չորսին չափը մէկ էր։ Անոնց չորսին ալ բոլորտիքը, շէնքերու շարք մը կար ու այն շարքին տակ բոլորակաձեւ կրակարաններ շինուած էին։ Ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք խոհանոցներն են, ուր տաճարին պաշտօնեաները ժողովուրդին զոհը պիտի եփեն»։ Զիս նորէն տաճարին դրանը ետեւը բերաւ։ Արեւելեան կողմէն տանը սեմին տակէն ջուրեր կ’ելլէին, քանզի տանը երեսը դէպի արեւելք էր ու ջուրերը տանը աջ կողմին տակէն՝ սեղանին հարաւային կողմէն կ’իջնէին։ Ապա զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն հանեց եւ առաջնորդեց դէպի արտաքին դուռը, որ արեւելք կը նայէր եւ ջուրը կը հոսէր դէպի հարաւային կողմը։ Այն մարդը, որ իր ձեռքը լար ունէր, դէպի արեւելք գնաց ու հազար կանգուն չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ գարշապարներս կ’ելլէին ։ Հազար կանգուն եւս չափեց եւ զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ ծունկերս կ’ելլէին ։ Հազար կանգուն եւս չափեց ու զիս ջուրերէն անցուց։ Ջուրերը մինչեւ մէջքս կ’ելլէին ։ Նորէն հազար կանգուն ալ չափեց, ուր այնպիսի գետ մը եղած էր, ուրկէ չէի կրնար անցնիլ. վասն զի ջուրերը յորդեր էին ու այնպիսի գետ մը կազմեր էին, ուրկէ մարդ չէր կրնար անցնիլ՝ առանց լողալու՝ ՝»։ Այն ատեն ինծի ըսաւ. «Տեսա՞ր, որդի՛ մարդոյ» եւ զիս տարաւ ու գետին եզերքը պտըտցուց։ Երբ կը պտըտէի, տեսայ թէ գետին երկու եզերքը խիստ շատ ծառեր կային։ Ինծի ըսաւ. «Այս ջուրերը արեւելեան կողմէն կ’ելլեն ու անապատը կ’իջնեն ու ծովը կ’երթան եւ ծովուն խառնուելով, անոր ջուրերը կը թարմացնեն։ Գետը ուր որ երթայ՝ բոլոր կենդանիները պիտի ապրին։ Ձուկերը խիստ շատ պիտի առատանան, քանզի այս ջուրը ուր որ մտնէ՝ կը մաքրէ եւ ուր որ հոսանքը երթայ՝ հոն կեանքը պիտի ապրի։ Անոր վրայ Ենգադդիէ մինչեւ Ենեգլայիմ ձկնորսներ պիտի կայնին։ Հոն ուռկաններ փռելու տեղ պիտի ըլլայ։ Ձուկերը տեսակ տեսակ պիտի ըլլան։ Մեծ ծովուն ձուկերուն պէս խիստ շատ պիտի շատնան։ Բայց անոր տղմալից տեղերն ու ճախինները պիտի չթարմանան, անոնք աղի համար պիտի պահուին։ Ու գետին երկու եզերքները ամէն տեսակ պտղաբեր ծառեր պիտի բուսնին, որոնց տերեւը պիտի չթառամի ու պտուղը չհատնի։ Ամէն ամիս նորէն պտուղ պիտի տան, վասն զի անոր ջուրերը սրբարանէն կ’ելլեն եւ անոնց պտուղը կերակուրի համար ու տերեւները բուժարար պիտի ըլլան»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ասոնք են սահմանները այն երկրին, որ իբր ժառանգութիւն պիտի բաժնէք Իսրայէլի տասներկու ցեղերուն (Յովսէփը երկու բաժին պիտի ունենայ)։ Ամէն մարդ իր եղբօրը պէս պիտի ժառանգէ, վասն զի իմ ձեռքս վերցուցի որ զանիկա ձեր հայրերուն տամ, որը դուք պիտի ժառանգէք։ Ահա երկրին սահմանը՝ հիւսիսային կողմը՝ մեծ ծովէն Եթլոնի ճամբան մինչեւ Սեդադ, Եմաթ, Բերոթա, Սեբրայիմ (որ Դամասկոսի ու Եմաթի միջեւ կը գտնուի) ու մինչեւ Աւրանի սահմանը եղող Ասեր-Աթթիքոնը։ Այսպէս, երկրին սահմանը կ՛երկարի ծովէն մինչեւ Ասար-Ենան, որ Դամասկոսի հիւսիսային սահմանն է, նաեւ Եմաթին սահմանը պիտի ըլլայ։ Արեւելեան սահմանը՝ Աւրանի մէջէն ու Դամասկոսի մէջէն եւ Գաղաադի մէջէն ու Յորդանանի քով եղող Իսրայէլի երկրին մէջէն՝ մինչեւ արեւելեան ծովը։ Դէպի հարաւային սահմանը՝ Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ ու մինչեւ մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ։ Արեւմտեան սահմանը՝ մեծ ծովը պիտի ըլլայ, սահմանէն մինչեւ Եմաթին դէմ։ Այս երկիրը բաժնեցէք Իսրայէլի ցեղերուն։ Զանիկա ժառանգութեան համար վիճակով բաժնեցէք թէ՛ ձեզի եւ թէ՛ ձեր մէջ բնակող ու ձեր մէջ զաւակներ ծնանող օտարականներուն։ Անոնք բնիկներու պէս պիտի ըլլան Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Անոնք ձեզի հետ ժառանգութիւն պիտի առնեն Իսրայէլի ցեղերուն պէս։ Այն ցեղին մէջ որ օտարականը պանդխտացած է, անկէ անոր ժառանգութիւն պիտի տաք», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Ցեղերուն անունները ասոնք են։ Հիւսիսի ծայրէն՝ Եթլոնի ճամբուն քով դէպի Եմաթ երթալով՝ մինչեւ Ասար-Ենան, որ Դամասկոսի սահմանն է դէպի հիւսիս մինչեւ Եմաթի քով ու արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմուտք Դանին մէկ բաժին ըլլայ։ Դանի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Ասերին մէկ բաժին ըլլայ ։ Ասերի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Նեփթաղիմին մէկ բաժին ըլլայ ։ Նեփթաղիմի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Մանասէին մէկ բաժին ըլլայ ։ Մանասէի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Եփրեմին մէկ բաժին ըլլայ ։ Եփրեմի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Ռուբէնին մէկ բաժին ըլլայ ։ Ռուբէնին սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Յուդային մէկ սաժին ըլլայ ։ «Յուդայի սահմանին քով, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը պիտի ըլլայ այն ընծան, որ պիտի նուիրէք ու անիկա քսանըհինգ հազար եղէգ լայնութիւն եւ միւս բաժիններէն մէկուն չափ երկայնութիւն պիտի ունենայ, արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը եւ սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։ Տէրոջը նուիրելու ընծանիդ քսանըհինգ հազար եղէգ լայն պէտք է ըլլայ։ Եւ սուրբ ընծան ասոնց ըլլայ, այսինքն քահանաներուն։ Հիւսիսէն՝ երկայնքը քսանըհինգ հազար եղէգ, արեւմուտքէն՝ լայնքը տասը հազար եղէգ, արեւելքէն՝ լայնքը տասը հազար եղէգ, հարաւէն՝ երկայնքը քսանըհինգ հազար եղէգ ու Տէրոջը սրբարանը անոր մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ Այս բաժինը Սադովկի որդիներէն սրբուած քահանաներուն պիտի ըլլայ, որոնք իմ պահպանութիւնս ըրին։ Ու երբ Իսրայէլի որդիները մոլորեցան, անոնք չմոլորեցան, ինչպէս Ղեւտացիները մոլորեցան։ Երկրին ընծայէն՝ այս ընծան անոնց համար ամենասուրբ պիտի ըլլայ՝ Ղեւտացիներու սահմանին քով։ Քահանաներուն սահմանին քով Ղեւտացիներուն բաժինը պէտք է ըլլայ քսանըհինգ հազար եղէգ երկայն ու տասը հազար եղէգ ՝ լայն։ Բոլոր երկայնութիւնը քսանըհինգ հազար ու լայնութիւնը տասը հազար ըլլայ։ Անկէ պէտք չէ ծախեն ու փոխեն ու երկրին երախայրին ուրիշի վրայ պէտք չէ դարձնեն, վասն զի անիկա Տէրոջը նուիրուած է։ «Քսանըհինգ հազարին քով լայնութենէն մնացած հինգ հազարը անսուրբ պիտի ըլլայ՝ քաղաքին համար, բնակութեան համար ու արուարձաններուն համար եւ քաղաքը անոր մէջտեղը պէտք է ըլլայ։ Անոր չափերը ասոնք ըլլան՝ հիւսիսային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եւ հարաւային կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եւ արեւելեան կողմը չորս հազար հինգ հարիւր ու արեւմտեան կողմը՝ չորս հազար հինգ հարիւր եղէգ։ Եւ քաղաքին արուարձանը դէպի հիւսիս՝ երկու հարիւր յիսուն ու դէպի հարաւ՝ երկու հարիւր յիսուն եւ դէպի արեւելք՝ երկու հարիւր յիսուն ու դէպի արեւմուտք՝ երկու հարիւր յիսուն եղէգ պէտք է ըլլայ։ Եւ սուրբ ընծային քով երկայնութենէն մնացած դէպի արեւելք՝ տասը հազարը ու դէպի արեւմուտք՝ տասը հազարը (որ սուրբ ընծային քով է), անոր բերքը քաղաքին ծառայութիւն ընողներուն կերակուր պիտի ըլլայ։ Եւ քաղաքին ծառայութիւնը ընողները Իսրայէլի բոլոր ցեղերէն պիտի ըլլան։ Բոլոր ընծան քսանըհինգ հազարով քսանըհինգ հազար քառակուսի ըլլալու է՝ սուրբ ընծայ քաղաքին կալուածին հետ։ «Սուրբ ընծային ու քաղաքին կալուածին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն մնացածը իշխանին պիտի ըլլայ։ Նուիրուած քսանըհինգ հազարին դէմ մինչեւ արեւելեան սահմանը ու դէպի արեւմուտք քսանըհինգ հազարին դէմ մինչեւ արեւմտեան սահմանը ցեղերուն բաժիններուն քով իշխանին պիտի ըլլայ։ Ասիկա պիտի ըլլայ սուրբ ընծան ու տաճարին սրբարանը անոր մէջտեղը պիտի ըլլայ։ Իշխանին բաժինին մէջտեղը եղող Ղեւտացիներուն կալուածէն ու քաղաքին կալուածէն դուրս ՝ Յուդայի սահմանին ու Բենիամինի սահմանին մէջտեղը իշխանինը պիտի ըլլայ։ «Մնացած ցեղերուն՝ արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը, Բենիամինին մէկ բաժին ըլլայ ։ Ու Բենիամինի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Շմաւոնին մէկ բաժին ըլլայ ։ Եւ Շմաւոնի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Իսաքարին մէկ բաժին ըլլայ ։ Ու Իսաքարի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Զաբուղոնին մէկ բաժին ըլլայ ։ Եւ Զաբուղոնի սահմանին քով արեւելեան կողմէն մինչեւ արեւմտեան կողմը Գադին մէկ բաժին ըլլայ ։ Ու Գադի սահմանին քով հարաւային կողմը դէպի հարաւ երկրին սահմանը, Թամարէն մինչեւ Վիճաբանութեան ջուրերը Կադէսի մէջ ու մինչեւ մեծ ծովը իջնող հեղեղատը պիտի ըլլայ։ «Այս է այն երկիրը, որ Իսրայէլի ցեղերուն վիճակով պիտի բաժնէք ժառանգութեան համար ու անոնց բաժինները ասոնք են», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Քաղաքին ելքերը ասոնք են. Հիւսիսային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով (Ու քաղաքին դռները Իսրայէլի ցեղերուն անուններուն համեմատ պիտի ըլլան). երեք դուռ դէպի հիւսիս. մէկ դուռ Ռուբէնին, մէկ դուռ Յուդային ու մէկ դուռ Ղեւիին Եւ արեւելեան կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով ՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Յովսէփին, մէկ դուռ Բենիամինին ու մէկ դուռ Դանին Եւ հարաւային կողմէն չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով, երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Շմաւոնին, մէկ դուռ Իսաքարին ու մէկ դուռ Զաբուղոնին. Արեւմտեան կողմէն ալ չորս հազար հինգ հարիւր չափ ըլլալով ՝ երեք դուռ պիտի ըլլայ. մէկ դուռ Գադին, մէկ դուռ Ասերին ու մէկ դուռ Նեփթաղիմին։ Բոլոր շրջապատը տասնըութ հազար չափ պիտի ըլլայ ու այն օրէն քաղաքին անունը Եհովաշամա պիտի ըլլայ»։ Յուդայի թագաւորին Յովակիմին թագաւորութեան երրորդ տարին Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Երուսաղէմ եկաւ ու զանիկա պաշարեց։ Տէրը անոր ձեռքը տուաւ Յուդայի Յովակիմ թագաւորը ու Աստուծոյ տանը անօթներուն մէկ մասը։ Անիկա զանոնք Սենաար երկիրը, իր աստուծոյն տունը տարաւ ու անօթները իր աստուծոյն գանձատունը դրաւ։ Թագաւորը իր ներքինապետին Ասփանէզին ըսաւ որ Իսրայէլի որդիներէն ու թագաւորական սերունդէն եւ իշխաններէն ‘Բնաւ արատ չունեցող, գեղեցիկ դէմքով ու ամէն իմաստութեան հմուտ ու գիտութեան տեղեակ, հանճարեղ եւ թագաւորին պալատին մէջ կայնելու կարողութիւն ունեցող տղաքներ բերէ եւ անոնց՝ Քաղդէացիներու գիրն ու լեզուն սորվեցնէ’։ Թագաւորը անոնց օրական ռոճիկ սահմանեց՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրէն ու իր խմած գինիէն, որպէս զի անոնք երեք տարի սնանին ու ետքը թագաւորին առջեւ կայնին։ Անոնց մէջ էին Յուդայի որդիներէն Դանիէլ, Անանիա, Միսայէլ ու Ազարիա։ Ներքինապետը անոնց անունները դրաւ. Դանիէլին՝ Բաղտասասար, Անանիային՝ Սեդրաք, Միսայէլին՝ Միսաք ու Ազարիային՝ Աբեդնագով։ Դանիէլ որոշեց որ թագաւորին ազնիւ կերակուրովն ու անոր խմած գինիովը չպղծուի, ուստի ներքինապետէն թոյլտուութիւն խնդրեց, որ ասոնցմով ինքզինք չպղծէ։ Աստուած ներքինապետին առջեւ շնորհք ու գթութիւն գտնել տուաւ Դանիէլին։ Ներքինապետը Դանիէլին ըսաւ. «Ես կը վախնամ իմ թագաւոր տիրոջմէս, որ ձեր ուտելիքն ու խմելիքը սահմանեց. վասն զի ինչո՞ւ համար անիկա ձեր երեսները աւելի տկար տեսնէ քան ձեզի հասակակից եղող միւս տղաքներուն երեսները ։ Ասով թագաւորին առջեւ գլուխս պիտի վտանգէք»։ Դանիէլ ըսաւ տնտեսին, որ ներքինապետը Դանիէլին, Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային վրայ դրեր էր. «Շնորհք ըրէ՛, քու ծառաներդ տասը օր փորձէ՛ ու մեզի ուտելու համար ընդեղէն ու խմելու համար ջուր տուր։ Դուն մեր դէմքը ու թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող տղոց դէմքը քննէ՛ եւ ինչպէս տեսնես՝ անոր համեմատ ըրէ քու ծառաներուդ»։ Անիկա ասոր համաձայնեցաւ ու զանոնք տասը օր փորձեց։ Տասը օր ետքը անոնց դէմքը՝ թագաւորին ազնիւ կերակուրը ուտող բոլոր տղաքներուն դէմքէն աւելի աղէկ ու գէր երեւցաւ։ Ուստի տնտեսը անոնց ազնիւ կերակուրը ու խմելու գինին կը վերցնէր ու անոնց ընդեղէն կու տար։ Աստուած այս չորս տղաքներուն՝ ամէն դպրութեան ու իմաստութեան մէջ գիտութիւն ու հանճար տուաւ։ Դանիէլ ամէն տեսիլք ու երազ կը հասկնար։ Որոշուած օրերը լմննալէն ետքը, թագաւորը հրաման ըրեր էր, որ զանոնք իրեն տանին։ Ներքինապետը զանոնք Նաբուգոդոնոսորին առջեւ տարաւ։ Թագաւորը անոնց հետ խօսեցաւ եւ Դանիէլին, Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային պէս մէկը չգտնուեցաւ անոնց ամենուն մէջ։ Անոնք թագաւորին առջեւ կը կայնէին։ Թագաւորը՝ անոնց հարցուցած իմաստութեան ու գիտութեան վերաբերեալ բոլոր բաներուն մէջ՝ զանոնք իր թագաւորութեանը մէջ եղող բոլոր մոգերէն ու հմայողներէն տասնապատիկ գերազանց գտաւ։ Դանիէլ մինչեւ Կիւրոս թագաւորին առաջին տարին մնաց։ Նաբուգոդոնոսոր իր թագաւորութեան երկրորդ տարին երազներ տեսաւ եւ անոր հոգին խռովեցաւ ու քունը փախաւ։ Եւ թագաւորը հրամայեց որ մոգերը, հմայողները, կախարդներն ու Քաղդեանները կանչեն, որպէս զի թագաւորին պատմեն իր երազները։ Անոնք եկան ու թագաւորին առջեւ կայնեցան։ Թագաւորը անոնց ըսաւ. «Երազ տեսայ ու իմ հոգիս խռովուեցաւ։ Կ’ուզեմ այն երազը գիտնալ»։ Ու Քաղդեանները թագաւորին Ասորերէն ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. ըսէ՛ երազը քու ծառաներուդ ու մենք անոր մեկնութիւնը իմացնենք»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ Քաղդեաններուն ու ըսաւ. «Բանը ինծմէ հեռացաւ։ Եթէ երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի չյայտնէք, դուք կտոր կտոր պիտի ըլլաք ու ձեր տուները աղբանոց պիտի ըլլան։ Բայց եթէ երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի իմացնէք, ինծմէ պարգեւներ, վարձատրութիւններ ու շատ պատիւ պիտի առնէք։ Ուրեմն երազն ու անոր մեկնութիւնը ինծի իմացուցէք»։ Անոնք նորէն պատասխան տուին ու ըսին. «Թագաւորը թող ըսէ՛ երազը իր ծառաներուն ու անոր մեկնութիւնը իմացնենք»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Աղէկ գիտեմ թէ դուք ժամավաճառ կ’ուզէք ըլլալ, վասն զի կը տեսնէք թէ բանը ինծմէ ելած է։ Բայց եթէ դուք երազը ինծի չյայտնէք, ձեզի համար մէկ վճիռ կայ, վասն զի դուք ձեր մէջ որոշեցիք, որ իմ առջեւս սուտ ու ապականեալ խօսք մը ըսէք՝ մինչեւ որ ժամանակը փոխուի։ Ուստի ըսէք ինծի երազը, որպէս զի գիտնամ թէ պիտի կարենաք անոր մեկնութիւնը իմացնել»։ Քաղդեանները թագաւորին առջեւ պատասխան տուին ու ըսին. «Երկրի վրայ այնպիսի մարդ մը չկայ, որ կարող ըլլայ թագաւորին պահանջած բանը իմացնել. անոր համար ոեւէ թագաւոր, նախարար կամ իշխան այսպիսի բան պահանջած չէ մոգէ մը կամ հմայողէ մը կամ Քաղդեայէ մը։ Թագաւորին պահանջած բանը դժուար է։ Ոեւէ մէկը չկայ, որ զանիկա թագաւորին իմացնէ, բայց միայն աստուածները, որոնք մսեղէն մարմնի մէջ չեն բնակիր»։ Ասոր վրայ թագաւորը սրդողեցաւ ու խիստ բարկացաւ եւ հրամայեց, որ Բաբելոնի իմաստունները կոտորեն։ Հրամանը ելաւ եւ իմաստունները պիտի կոտորուէին. ուստի փնտռեցին Դանիէլն ու անոր ընկերները, որպէս զի մեռցնեն։ Այն ատեն Դանիէլ իմաստութեամբ ու խոհեմութեամբ խօսեցաւ թագաւորին դահճապետին Արիովքին հետ, որ Բաբելոնի իմաստունները կոտորելու ելեր էր։ Թագաւորին իշխանին Արիովքին ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար այս դաժան հրամանը թագաւորէն տրուեցաւ»։ Այն ատեն Արիովք խնդիրը Դանիէլին յայտնեց։ Դանիէլ մտաւ ու թագաւորին խնդրեց, որ իրեն ժամանակ տայ, որպէս զի մեկնութիւնը թագաւորին իմացնէ։ Դանիէլ իր տունը գնաց եւ այս բանը իր ընկերներուն՝ Անանիային, Միսայէլին ու Ազարիային յայտնեց։ Որպէս զի այս գաղտնիքին համար երկնքի Աստուծոյ գթութիւնը խնդրեն, որպէս զի Դանիէլն ու անոր ընկերները Բաբելոնի միւս իմաստուններուն հետ չկոտորուին։ Գաղտնիքը գիշերուան տեսիլքի մէջ Դանիէլին յայտնուեցաւ։ Այն ատեն Դանիէլ երկնքի Աստուածը օրհնեց։ Դանիէլ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աստուծոյ անունը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ըլլայ, վասն զի իմաստութիւնն ու զօրութիւնը անորն են։ Ատեններն ու ժամանակները փոխողը, թագաւորներ վերցնողն ու թագաւորներ հաստատողը անիկա է. անիկա իմաստուններուն իմաստութիւն կու տայ ու հանճարեղներուն՝ գիտութիւն. Խորունկ ու ծածկուած բաները ինք կը յայտնէ, մութի մէջ եղածը գիտէ ու լոյսը անոր քով կը բնակի։ Ես քեզի գոհութիւն ու փառք կը մատուցանեմ, ո՛վ իմ հայրերուս Աստուածը, որ ինծի իմաստութիւն ու զօրութիւն տուիր ու հիմա ինծի գիտցուցիր ինչ որ քեզմէ խնդրեցինք, քանզի թագաւորին բանը մեզի գիտցուցիր»։ Ուստի Դանիէլ Արիովքին առջեւ ելաւ, որ թագաւորը որոշեր էր Բաբելոնի իմաստունները կորսնցնելու. գնաց ու անոր այսպէս ըսաւ. «Բաբելոնի իմաստունները մի՛ կորսնցներ, զիս թագաւորին առջեւ տար, որ մեկնութիւնը թագաւորին իմացնեմ»։ Այն ատեն Արիովք արտորնօք Դանիէլը թագաւորին առջեւ հանեց ու անոր այսպէս ըսաւ. «Հրէաստանի գերիներէն մարդ մը գտայ, որ մեկնութիւնը պիտի գիտցնէ թագաւորին»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ Դանիէլին, որուն անունը Բաղտասասար դրուած էր. «Կարո՞ղ ես դուն իմ տեսած երազս ու անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել»։ Դանիէլ թագաւորին առջեւ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Թագաւորին հարցուցած գաղտնիքը իմաստունները, հմայողները, մոգերը ու բաղդ նայողները թագաւորին յայտնելու կարող չեղան։ Բայց երկնքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ, որ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կը յայտնէ ինչ որ վերջին օրերը պիտի ըլլայ։ Երազդ ու անկողնիդ մէջ գլխուդ տեսիլքը ասիկա է. Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, քու անկողնիդ մէջ կը մտածէիր թէ ասկէ ետքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Գաղտնիքները յայտնողը՝ ըլլալիքը քեզի գիտցուց։ Այս գաղտնիքը՝ ոչ թէ ամէն ապրողներէն աւելի իմաստութիւն ունենալուս համար ինծի յայտնուեցաւ, հապա մեկնութիւնը թագաւորին գիտցնելու համար, որպէս զի դուն քու սրտիդ խորհուրդները գիտնաս»։ «Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, կը տեսնէիր մեծ արձան մը։ Այս մեծ ու խիստ պայծառ արձանը քու դիմացդ կայներ էր։ Անոր երեւոյթը ահաւոր էր։ Այս արձանին գլուխը՝ զուտ ոսկիէ, անոր կուրծքն ու թեւերը՝ արծաթէ, մէջքն ու ազդրերը՝ պղնձէ, Սրունքները՝ երկաթէ ու ոտքերուն մէկ մասը կաւէ էր։ Դուն կը նայէիր, երբ քար մը գլորուեցաւ առանց ձեռքի ու այն արձանին երկաթէ ու կաւէ ոտքերուն զարկաւ ու զանոնք փշրեց։ Այն ատեն երկաթը, կաւը, պղինձը, արծաթն ու ոսկին մէկտեղ փշրուեցան եւ ամառուան կալերուն մղեղին պէս եղան ու հովը զանոնք տարաւ ու անոնք ամենեւին տեղ մը չգտնուեցան, բայց արձանին զարնող քարը մեծ լեռ մը եղաւ ու բոլոր երկիրը լեցուց։ Երազը այս է ու հիմա անոր մեկնութիւնը ըսենք»։ «Ով թագաւոր, դուն թագաւորներու թագաւոր ես, վասն զի երկնքի Աստուածը քեզի թագաւորութիւն, կարողութիւն, զօրութիւն ու պատիւ տուեր է։ Մարդոց որդիներուն բոլոր բնակած տեղերուն մէջ՝ դաշտի գազաններն ու երկնքի թռչունները քու ձեռքդ տուեր է եւ անոնց ամենուն վրայ քեզ իշխան դրեր է։ Այն ոսկի գլուխը դո՛ւն ես։ Քեզմէ ետքը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի ելլէ քեզմէ ցած ու պղինձէ ուրիշ երրորդ թագաւորութիւն մը, որ բոլոր երկրին պիտի տիրէ Եւ չորրորդ թագաւորութիւնը երկաթի պէս ամուր պիտի ըլլայ ու ինչպէս երկաթը ամէն բան կը փշրէ ու կը մանրէ, անիկա ալ՝ այս ամէն բաները կոտրող երկաթին պէս փշրելով պիտի կոտրէ։ Որովհետեւ ոտքերուն ու մատներուն մէկ մասը կաւէ ու մէկ մասը երկաթէ տեսար, այն թագաւորութիւնը պիտի բաժնուի, բայց երկաթի պնդութենէ բաժին պիտի ունենայ, քանզի երկաթը տղմուտ կաւի հետ խառնուած տեսար։ Ոտքերուն մատերուն մէկ մասը երկաթէ ու մէկ մասը կաւէ ըլլալը կը ցուցնէ թէ այն թագաւորութեանը մէկ մասը ամուր ու մէկ մասը դիւրաբեկ պիտի ըլլայ։ Տղմուտ կաւին հետ երկաթը խառնուած տեսնելդ կը ցուցնէ թէ անոնք մարդոց սերունդին հետ պիտի խառնուին, բայց անոնք իրարու պիտի չփակչին, ինչպէս երկաթը կաւին հետ չի փակչիր»։ «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ։ Դուն առանց ձեռքի լեռնէն կտրած քար մը տեսար եւ անիկա երկաթը, պղինձը, կաւը, արծաթն ու ոսկին փշրեց։ Մեծ Աստուածը ասկէ ետքը ինչ ըլլալիքը թագաւորին գիտցուց ու երազը ճշմարիտ է եւ անոր մեկնութիւնը՝ վստահելի»։ Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը իր երեսին վրայ ինկաւ ու Դանիէլին երկրպագութիւն ըրաւ եւ հրամայեց որ ընծայ ու անոյշ հոտեր մատուցանեն անոր։ Թագաւորը Դանիէլին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Իրաւցընէ ձեր Աստուածը ինքն է աստուածներուն Աստուածը եւ թագաւորներուն՝ Տէրը ու գաղտնիքները յայտնողը, քանզի դուն կարող եղար այս գաղտնիքը յայտնել»։ Այն ատեն թագաւորը մեծցուց Դանիէլը ու անոր շատ ու մեծ պարգեւներ տուաւ։ Զանիկա Բաբելոնի բոլոր գաւառներուն վրայ կառավարիչ ու Բաբելոնի բոլոր իմաստուններուն գլխաւորներուն վրայ իշխան դրաւ։ Դանիէլ թագաւորէն խնդրեց ու Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը դրաւ։ Դանիէլ թագաւորին դուռը կը մնար։ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ոսկիէ արձան մը շինեց, անոր բարձրութիւնը՝ վաթսուն կանգուն ու լայնութիւնը վեց կանգուն։ Զանիկա Բաբելոնի գաւառը, Դուրա դաշտին մէջ կանգնեցուց։ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հրամայեց, որ կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները հաւաքեն, որպէս զի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին գան։ Այն ատեն կուսակալները, նախարարները, կառավարիչները, դատաւորները, գանձապետները, խորհրդականները, օրէնսգէտները ու գաւառներուն բոլոր իշխանները Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած արձանին նաւակատիքին եկան ու Նաբուգոդոնոսորին կանգնեցուցած արձանին առջեւ կայնեցան։ Մունետիկը բարձրաձայն կը կանչէր. «Ո՛վ ժողովուրդներ, ազգեր ու լեզուներ, ձեզի կ’ըսուի. ‘Երբ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններու ձայնը լսէք, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին առջեւ պիտի իյնաք ու երկրպագութիւն ընէք’։ Ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, նոյն ժամուն բորբոքած կրակի հնոցին մէջ պիտի նետուի»։ Ուստի երբ բոլոր ժողովուրդները փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսեցին, բոլոր ժոովուրդները, ազգերն ու լեզուները ինկան եւ Նաբուգոդոնոսորին կանգնեցուցած ոսկի արձանին երկրպագութիւն ըրին։ Այն ատեն քանի մը Քաղդէացի մարդիկ մօտեցան ու Հրեաներուն վրայով ամբաստանութիւն ըրին Եւ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին խօսեցան ու ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, հրաման ըրիր որ ամէն մարդ որ փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին եւ ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսէ, իյնայ ու ոսկի արձանին երկրպագութիւն ընէ Եւ ո՛վ որ չիյնայ ու երկրպագութիւն չընէ, բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետուի։ Քանի մը Հրեայ մարդիկ կան, որոնք դուն Բաբելոնի գաւառին գործերուն վրայ դրիր, այսինքն Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը, այս մարդիկը քեզ բանի տեղ չեն դներ, ո՛վ թագաւոր. քու աստուածներդ չեն պաշտեր եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն չեն ըներ»։ Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր սրտմտութեամբ եւ բարկութեամբ հրամայեց, որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը բերեն, ուստի զանոնք թագաւորին առջեւ բերին։ Նաբուգոդոնոսոր անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սեդրաք, Միսաք ու Աբեդնագով, խորհրդո՞վ է որ իմ աստուածներս չէք պաշտեր եւ իմ ոսկի արձանիս երկրպագութիւն չէք ըներ։ Հիմա եթէ պատրաստ էք փողին, սրինգին, քնարին, ջութակին, տաւիղին, տիկին ու ամէն տեսակ նուագարաններուն ձայնը լսած ատեննիդ իյնալ ու իմ շինած արձանիս երկրպագութիւն ընել, աղէկ. բայց եթէ երկրպագութիւն չընէք, նոյն ժամուն՝ բորբոքած կրակին հնոցին մէջ պիտի նետուիք եւ ո՜վ է այն Աստուածը, որ ձեզ իմ ձեռքէս պիտի ազատէ»։ Պատասխան տուին Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր, այս բանին վրայով քեզի պատասխան տալու հարկաւորութիւն չունինք։ Ահա մեր պաշտած Աստուածը մեզ բորբոքած կրակի հնոցէն ազատելու կարող է. քու ձեռքէդ ալ մեզ պիտի ազատէ, ո՛վ թագաւոր։ Բայց քեզի յայտնի ըլլայ, ո՛վ թագաւոր, որ մենք քու աստուածներդ պիտի չպաշտենք եւ քու ոսկի արձանիդ երկրպագութիւն պիտի չընենք»։ Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բարկութեամբ լեցուեցաւ ու անոր երեսին երեւոյթը փոխուեցաւ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին վրայ եւ հրամայեց որ հնոցը սովորականէն եօթնապատիկ աւելի վառեն Ու իր զօրքին մէջ եղող զօրաւոր մարդոցը հրամայեց, որ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը կապեն ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեն։ Այն ատեն այս մարդիկը իրենց անդրավարտիքներովը, բաճկոններովը, վերարկուներովն ու բոլոր հանդերձներովը կապեցին ու բորբոքած կրակի հնոցին մէջ նետեցին։ Թագաւորին հրամանը ստիպողական ըլլալուն ու հնոցին շատ տաք ըլլալուն համար Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը վերցնող մարդիկը կրակին բոցէն սպաննուեցան։ Բայց այս երեք մարդիկը՝ Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը՝ կապուած ինկան բորբոքած կրակի հնոցին մէջ։ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը ապշած՝ արտորնօք ոտքի ելաւ, իր խորհրդականներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Մենք կրակին մէջ երեք կապուած մարդ չնետեցի՞նք»։ Անոնք պատասխան տուին ու թագաւորին ըսին. «Այո՛, ո՛վ թագաւոր»։ Թագաւորը ըսաւ. «Ահա ես կրակին մէջ չորս արձակուած մարդ կը տեսնեմ, որ կը քալեն։ Անոնք ամենեւին վնաս մը չեն քաշեր։ Չորրորդին դէմքը աստուածներու որդիի մը կը նմանի»։ Այն ատեն Նաբուգոդոնոսոր բորբոքած կրակի հնոցին դրանը մօտենալով՝ ըսաւ. «Ո՜վ Բարձրեալ Աստուծոյն ծառաները՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով, դո՛ւրս ելէք ու հոս եկէ՛ք»։ Այն ատեն Սեդրաքը, Միսաքը եւ Աբեդնագովը կրակին մէջէն ելան։ Կուսակալները, նախարարները, կառավարիչներն ու թագաւորին խորհրդականները հաւաքուեցան եւ տեսան այս մարդիկը, որոնց մարմիններուն վրայ կրակը ամենեւին ազդած չէր ու անոնց գլխուն մէկ մազը խանձած չէր ու անոնց անդրավարտիքները գոյներնին նետած չէին, անոնց վրայ կրակին հոտն անգամ չկար։ Նաբուգոդոնոսոր ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուածը, որ իր հրեշտակը ղրկեց ու իր ծառաները ազատեց. վասն զի անոր ապաւինելով՝ թագաւորին խօսքը անարգեցին ու իրենց մարմինները կրակի տուին, որպէս զի իրենց Աստուծմէն զատ ուրիշ Աստուծոյ մը ծառայութիւն ու երկրպագութիւն չընեն։ Արդ՝ ես կը հրամայեմ որ ոեւէ ժողովուրդ, ազգ ու լեզու, որ Սեդրաքին, Միսաքին ու Աբեդնագովին Աստուծոյն դէմ սխալ բան մը ըսէ, կտոր կտոր ըլլայ ու անոր տունը աղբանոց ըլլայ. վասն զի ուրիշ Աստուած չկայ, որ կարող ըլլար այսպէս ազատել»։ Այն ատեն թագաւորը աւելի մեծցուց Սեդրաքը, Միսաքն ու Աբեդնագովը Բաբելոնի գաւառին մէջ։ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ բոլոր երկրին վրայ բնակող բոլոր ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն՝ «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ։ Ինծի հաճոյ երեւցաւ, որ Բարձրեալ Աստուծոյն ինծի ըրած նշաններն ու հրաշքները ձեզի յայտնեմ։ Անոր նշանները որքա՜ն մեծ ու հրաշքները որքա՜ն զօրաւոր են. անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն է ու անոր իշխանութիւնը դարէ դար կը մնայ»։ «Ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ երբ իմ տանս մէջ հանգիստ էի ու պալատիս մէջ կը զուարճանայի, Երազ մը տեսայ, որ զիս վախցուց եւ անկողնիս վրայ իմ խորհուրդներս ու իմ գլխուս տեսիլքները զիս խռովեցին։ Ուստի Բաբելոնի բոլոր իմաստունները իմ առջեւս բերելու հրաման ըրի, որպէս զի անոնք ինծի երազին մեկնութիւնը գիտցնեն։ Այն ատեն մոգերը, հմայողները, Քաղդեաններն ու բաղդ նայողները եկան ու ես երազը անոնց առաջեւ ըսի, բայց անոնք չկրցան մեկնութիւնը ինծի գիտցնել։ Վերջապէս Դանիէլը առջեւս եկաւ, որուն անունը իմ աստուծոյս անուանը համեմատ Բաղտասասար կը կոչուի եւ որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Անոր առջեւ երազը պատմեցի ու ըսի. ‘Ո՛վ մոգերուն իշխանը Բաղտասասար, որովհետեւ գիտեմ որ քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներու հոգին կայ ու ոեւէ գաղտնիքը լուծելը քեզի դժուար չէ։ Երազս պատմեմ, լսէ՛ եւ զայն մեկնէ՛։ «Իմ անկողնիս մէջ գլխուս տեսիլքները ասոնք էին։ Ես կը տեսնէի, որ երկրի մէջ ծառ մը կար։ Ան շատ բարձր էր։ Այն ծառը մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի ծայրերէն կը տեսնուէր։ Անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր։ Անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար։ Դաշտի անասունները անոր շուքին տակ կը նստէին ու երկնքի թռչունները անոր ոստերուն վրայ կը բնակէին։ Ամէն մարմին անկէ կը կերակրուէր։ Երազիս մէջ տեսայ, որ երկնքէն սուրբ պահապան մը՝ ՝ իջաւ։ Անիկա ուժով կանչեց ու այսպէս ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք, ոստերը մէկդի հանեցէ՛ք. տերեւները թօթափեցէ՛ք ու պտուղները ցրուեցէ՛ք։ Անոր տակէն անասունները ու ոստերէն թռչունները թող փախչին. Բայց արմատները երկրին մէջ թողուցէ՛ք ու երկաթէ եւ պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղովը թող թրջուի եւ անոր բաժինը անասուններու հետ երկրի խոտին մէջ թող ըլլայ։ Անոր միտքը մարդու մտքէն թող փոխուի ու անոր անասունի միտք թող տրուի։ Անոր վրայէն եօթը ժամանակ թող անցնի։ Այս վճիռը՝ պահապաններուն հրամանովն է ու այս որոշումը՝ սուրբերուն խօսքովն է. որպէս զի ապրողները գիտնան թէ Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ ու անոր վրայ մարդոց անարգը կը դնէ»։ «Ես՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորս՝ այս երազը տեսայ ու դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասասար, անոր մեկնութիւնը ըսէ՛, վասն զի իմ թագաւորութեանս բոլոր իմաստունները կարող չեղան անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել. բայց դուն կարող ես, քանզի քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներուն հոգին կայ»։ Այն ատեն Դանիէլ, որուն անունը Բաղտասասար էր, մէկ ժամու չափ՝ ՝ ահաբեկած մնաց ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին։ Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Բաղտասասար, երազը կամ անոր մեկնութիւնը թող քեզ չխռովեցնէ»։ Պատասխան տուաւ Բաղտասասարն ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, երազը՝ քեզ ատողներուն ու անոր մեկնութիւնը քու թշնամիներուդ ըլլայ։ Այն ծառը, որ մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի մէջ կը տեսնուէր Եւ անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր ու անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար, անոր տակ դաշտի անասունները կը բնակէին ու անոր ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները կը կենային, Անիկա դո՛ւն ես, ո՛վ թագաւոր, որ մեծցար եւ ուժովցար եւ քու մեծութիւնդ բարձրացաւ ու մինչեւ երկինք հասաւ եւ քու իշխանութիւնդ մինչեւ երկրի ծայրերը հասաւ ։ Թագաւորը սուրբ պահապան մը տեսաւ, որ երկնքէն իջաւ ու ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք ու զանիկա տապալեցէ՛ք, բայց անոր արմատներն ու կոճղը երկրի մէջ թողուցէ՛ք ու երկաթէ ու պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղովը թրջուի եւ անոր բաժինը դաշտի անասուններուն հետ թող ըլլայ, մինչեւ անոր վրայէն եօթը ժամանակ անցնի’. Այս է մեկնութիւնը, ո՛վ թագաւոր, այս է Բարձրեալին վճիռը, որ իմ թագաւոր տիրոջս վրայ հասած է։ Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ ու քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու երկնքի ցօղովը թրջուիս եւ քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ։ Բայց երբ ըսուեցաւ թէ ‘Այն ծառին արմատները թող մնան’, կը նշանակէ թէ երկնաւոր իշխանութիւնը ճանչնալէդ ետքը՝ քու թագաւորութիւնդ պիտի վերահաստատուի։ Անոր համար, ո՛վ թագաւոր, թող իմ թելադրութիւնս քեզի հաճելի երեւնայ, քու մեղքերդ արդարութեամբ ու քու անօրէնութիւններդ աղքատներուն ողորմելով մէկդի ձգէ՝ ՝. թերեւս հանգստութիւնդ երկարի»։ Այս բոլորը Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պատահեցաւ։ Տասներկու ամիսէն, երբ Բաբելոնի թագաւորութեան պալատին վրայ կը ճեմէր, Թագաւորը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան տուն շինեցի»։ Երբ խօսքը դեռ թագաւորին բերանն էր, երկնքէն ձայն մը իջաւ. «Քեզի՛ կ’ըսուի, ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր, թագաւորութիւնը քեզմէ գնաց։ Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ, քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ»։ Նոյն ժամուն ըսուածը կատարուեցաւ ու Նաբուգոդոնոսոր մարդոց մէջէն վռնտուեցաւ ու արջառներու պէս խոտ կ’ուտէր եւ անոր մարմինը երկնքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչեւ որ մազերը արծիւներու փետուրներու պէս ու եղունգները թռչուններու մագիլներու պէս երկնցան։ «Այդ օրերը լրանալէ վերջը, ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ աչքերս երկինք վերցուցի ու խելքս ինծի դարձաւ եւ Բարձրեալը օրհնեցի ու գովեցի ու փառաւորեցի զանիկա, որ յաւիտեան կենդանի է ու անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է եւ անոր թագաւորութիւնը դարէ դար կը մնայ։ Երկրի բոլոր բնակիչները ոչինչի պէս կը սեպուին եւ անիկա երկնքի զօրքերուն մէջ ու երկրի բնակիչներուն մէջ իր ուզածը կ’ընէ ու անոր ձեռքին դէմ դնող, կամ անոր ‘Ի՞նչ կ’ընես’ ըսող չկայ։ Այն ատեն խելքս ինծի դարձաւ ու իմ թագաւորութեանս պատիւին հետ իմ փառքս ու վայելչութիւնս ինծի դարձան եւ իմ խորհրդականներս ու մեծամեծներս զիս փնտռեցին ու իմ թագաւորութեանս մէջ հաստատուեցայ եւ ինծի աւելի մեծ վեհափառութիւն տրուեցաւ»։ «Հիմա ես՝ Նաբուգոդոնոսորս երկնքի Թագաւորը կը գովեմ եւ կը բարձրացնեմ ու կը փառաւորեմ, վասն զի անոր բոլոր գործերը ճշմարիտ են ու ճամբաները արդար են ու անիկա կարող է ամբարտաւանութեամբ քալողները ցածցնել»։ Բաղտասար թագաւորը իր մեծամեծներէն հազար հոգիի մեծ կոչունք տուաւ ու հազարին առջեւ գինի խմեց։ Երբ Բաղտասար գինիէն զուարթացաւ, հրամայեց որ իր հօրը Նաբուգոդոնոսորին Երուսաղէմի տաճարէն հանած ոսկիէ ու արծաթէ անօթները բերեն, որպէս զի թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեն։ Ուստի Երուսաղէմ եղող Աստուծոյ տանը տաճարէն հանուած ոսկի անօթները բերին եւ թագաւորն ու իր մեծամեծները, իր կիներն ու հարճերը անոնցմով խմեցին։ Անոնք գինի խմեցին ու ոսկիէ, արծաթէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ աստուածները գովեցին։ Նոյն ժամուն մարդու ձեռքի մատեր ելան ու աշտանակին դէմ, թագաւորական պալատին պատին ծեփին վրայ գրեցին եւ թագաւորը այն գրող ձեռքին թաթը տեսաւ։ Այն ատեն թագաւորին գոյնը փոխուեցաւ ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին, այնպէս որ մէջքին յօդուածները կը քակուէին ու ծունկերը իրարու կը զարնուէին։ Թագաւորը բարձրաձայն աղաղակեց որ հմայողները, Քաղդեանները ու բաղդ նայողները գան։ Թագաւորը Բաբելոնի իմաստուններուն ըսաւ. «Ո՛վ որ այս գիրը կարդայ ու մեկնութիւնը ինծի իմացնէ, ծիրանի պիտի հագնի ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ պիտի դրուի եւ թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլայ»։ Ուստի թագաւորին բոլոր իմաստունները եկան, բայց չկրցան կարդալ ու անոր մեկնութիւնը թագաւորին իմացնել։ Այն ատեն Բաղտասար թագաւորը սաստիկ խռովեցաւ ու երեսին գոյնը փոխուեցաւ։ Անոր մեծամեծներն ալ սարսափեցան։ Թագուհին թագաւորին ու անոր մեծամեծներուն խօսքերը իմանալով՝ կոչունքին պալատը եկաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. քու խորհուրդներդ քեզ չխռովեցնեն ու երեսիդ գոյնը թող չփոխուի. Քու թագաւորութեանդ մէջ մարդ մը կայ, որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Քու հօրդ օրերը անոր վրայ լոյս, հանճար ու աստուածներուն իմաստութեանը պէս իմաստութիւն տեսնուեցաւ եւ քու հայրդ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զանիկա մոգերուն, հմայողներուն, Քաղդեաններուն ու բաղդ նայողներուն վրայ իշխան դրաւ։ Քանզի այն մարդուն քով, այսինքն Դանիէլին, որուն անունը թագաւորը Բաղտասասար դրաւ, գերազանց հոգի, գիտութիւն ու հանճար կայ երազները մեկնելու, առեղծուածները յայտնելու ու դժուարին խնդիրները լուծելու։ Դանիէլը թող կանչուի ու անիկա մեկնութիւնը պիտի իմացնէ»։ Այն ատեն Դանիէլը թագաւորին առջեւ տարուեցաւ։ Թագաւորը խօսեցաւ ու Դանիէլին ըսաւ. «Իմ թագաւոր հօրս Հրէաստանէն բերած Հրէաստանի գերիներէն եղող Դանիէլը դո՞ւն ես, Վասն զի քեզի համար լսեցի թէ քու ներսդ աստուածներու հոգի կայ եւ քու քովդ լոյս, հանճար ու գերազանց իմաստութիւն կը գտնուի։ Հիմա իմ առջեւս իմաստուններ ու հմայողներ բերուեցան, որպէս զի այս գրուածը կարդան ու զայն մեկնեն, բայց անոնք չկրցան այս խօսքը մեկնել։ Ես քեզի համար լսեցի թէ մեկնելու եւ դժուարին խնդիրներ լուծելու կարող ես։ Եթէ դուն այդ գրուածը կարենաս կարդալ եւ զայն մեկնել, ծիրանի պիտի հագնիս եւ քու պարանոցդ ոսկի մանեակ պիտի դրուի ու թագաւորութեան երրորդ իշխանը պիտի ըլլաս»։ Այն ատեն Դանիէլ պատասխան տուաւ ու թագաւորին ըսաւ. «Քու պարգեւներդ քեզի ըլլան ու նուէրներդ ուրիշին տուր. բայց ես այն գրուածը թագաւորին պիտի կարդամ ու մեկնեմ զայն։ Ո՛վ թագաւոր, Բարձրեալն Աստուած քու հօրդ Նաբուգոդոնոսորին թագաւորութիւն ու մեծութիւն եւ պատիւ ու փառք տուաւ. Անոր տուած մեծութենէն բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր երեսէն կը դողային ու կը վախնային։ Անիկա ուզածը կը մեռցնէր եւ ուզածը ողջ կը թողուր։ Անիկա ուզածը կը բարձրացնէր եւ ուզածը կը ցածցնէր։ Բայց, երբ անոր սիրտը հպարտացաւ ու անոր հոգին ամբարտաւանութեամբ լեցուեցաւ, իր թագաւորութեան աթոռէն ինկաւ ու պատիւը անկէ առնուեցաւ։ Անիկա մարդոց որդիներուն մէջէն վռնտուեցաւ ու անոր սիրտը անասուններու պէս եղաւ եւ անոր բնակութիւնը վայրենի էշերու հետ եղաւ։ Արջառներու պէս խոտ կը կերցնէին անոր ու անոր մարմինը երկնքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչեւ որ գիտցաւ թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալն Աստուած կը տիրէ ու իր ուզած մարդը անոր վրայ կը դնէ։ Ու դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասար, անոր որդին, քու սիրտդ չխոնարհեցուցիր, թէեւ այս բոլորը գիտէիր, Այլ երկնքի Տէրոջը դէմ քեզ բարձրացուցիր ու անոր տանը անօթները քու առջեւդ բերին եւ դուն ու քու մեծամեծներդ, քու կիներդ ու հարճերդ անոնցմով գինի խմեցիք։ Դուն արծաթէ, ոսկիէ, պղնձէ, երկաթէ, փայտէ ու քարէ շինուած աստուածները գովեցիր, որոնք ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ո՛չ ալ բան մը գիտեն։ Բայց այն Աստուածը որուն ձեռքն է շունչդ եւ որունն են քու բոլոր ճամբաներդ, չփառաւորեցիր. Անոր համար այն ձեռքի թաթը անոր կողմէ ղրկուեցաւ, որ այս գրուածքը գրեց։ Այսպէս գրուած է. ‘ ՄԱՆԷ, ՄԱՆԷ, ԹԵԿԷՂ ՈՒ ՓԱՐՍԻՆ’ Այս խօսքին մեկնութիւնն այս է. ‘Մանէ, Աստուած քու թագաւորութիւնդ համրեց ու զանիկա վերջացուց։ Թեկէղ, կշիռքով կշռուեցար եւ պակաս գտնուեցար։ Փարսին, քու թագաւորութիւնդ բաժնուեցաւ եւ Մարերու ու Պարսիկներու տրուեցաւ’»։ Այն ատեն Բաղտասար հրամայեց ու Դանիէլին ծիրանի հագցուցին ու պարանոցը ոսկի մանեակ դրին եւ անոր համար մունետիկ կանչել տուին՝ թէ ‘Թագաւորութեանը երրորդ իշխանը եղաւ’։ Նոյն գիշերը Քաղդէացիներու Բաղտասար թագաւորը սպաննուեցաւ։ Մարերու Դարեհ թագաւորը առաւ թագաւորութիւնը, երբ հազիւ վաթսունըերկու տարեկան էր։ Դարեհի առջեւ հաճոյ երեւցաւ, որ թագաւորութեանը վրայ հարիւր քսան կուսակալներ դնէ, որոնք բոլոր թագաւորութեանը մէջ ըլլան։ Անոնց վրայ երեք հրամանատար կարգեց, որոնցմէ մէկը Դանիէլն էր. որպէս զի կուսակալները ասոնց հաշիւ տան, որպէս զի թագաւորը չվնասուի։ Եւ Դանիէլ միւս հրամանատարներէն եւ կուսակալներէն նախապատիւ էր, վասն զի անոր վրայ գերազանց հոգի կար ու թագաւորը կը մտածէր զանիկա բոլոր թագաւորութեանը վրայ դնել։ Հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորութեանը գործերուն մէջ Դանիէլին դէմ գանգատելու պատճառ մը գտնել կը ջանային, բայց անոնք բնաւ պատճառ մը կամ չարութիւն մը չկրցան գտնել, վասն զի անիկա հաւատարիմ էր ու անոր վրայ բնաւ յանցանք մը կամ չարութիւն մը չգտնուեցաւ։ Ուստի այս մարդիկը ըսին. «Մենք այս Դանիէլին դէմ ամենեւին գանգատելու պատճառ մը պիտի չգտնենք, մինչեւ որ անոր Աստուծոյն օրէնքին կապուած բան մը գտնենք»։ Այն ատեն հրամանատարներն ու կուսակալները թագաւորին քով հաւաքուեցան ու անոր այսպէս ըսին. «Ո՛վ Դարեհ թագաւոր, յաւիտեան ողջ կեցի՛ր։ Թագաւորութեան բոլոր հրամանատարները, նախարարները, կուսակալները, խորհրդականներն ու կառավարիչները խորհուրդ ըրին, որ թագաւորական հրամանով մը օրէնք մը հաստատուի։ ‘Ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի’։ Հիմա, ո՛վ թագաւոր, այս օրէնքը հաստատէ ու հրովարտակը ստորագրէ, որպէս զի Մարերու եւ Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ չփոխուի»։ Ուստի Դարեհ թագաւորը հրովարտակն ու արգելիչ օրէնքը ստորագրեց։ Երբ Դանիէլ իմացաւ թէ հրովարտակը ստորագրուեցաւ, իր տունը գնաց։ Իր սենեակին պատուհանները դէպի Երուսաղէմ բաց էին։ Օրը երեք անգամ ծունկի վրայ գալով կ’աղօթէր ու իր Աստուծոյն գոհութիւն կը մատուցանէր իր նախկին սովորութեանը պէս։ Ուստի այս մարդիկը հաւաքուեցան ու Դանիէլը գտան, որ իր Աստուծոյն առջեւ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէր։ Այն ատեն մօտեցան ու թագաւորին առջեւ թագաւորին արգելիչ օրէնքին համար ըսին. «Դուն արգելիչ օրէնք մը չստորագրեցի՞ր, թէ ով որ մինչեւ երեսուն օր բան մը խնդրէ քեզմէ զատ ոեւէ աստուծմէ կամ մարդէ, ո՛վ թագաւոր, առիւծներուն գուբը նետուի»։ Թագաւորը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այդ խօսքը ճշարիտ է՝ Մարերու ու Պարսիկներու անխափանելի օրէնքին համեմատ»։ Այն ատեն անոնք թագաւորին ըսին. «Հրէաստանի գերութեան որդիներէն Դանիէլը քեզ եւ քու ստորագրած արգելիչ օրէնքդ բանի տեղ չի դներ, ո՛վ թագաւոր ու օրը երեք անգամ իր խնդրանքը կը մատուցանէ իր Աստուծոյն»։ Այն ատեն թագաւորը այս խօսքերը լսածին պէս՝ շատ տրտմեցաւ ու մտածեց Դանիէլը ազատել ու մինչեւ արեւուն մտնելը ջանաց զանիկա ապրեցնել, Բայց այն մարդիկը թագաւորին քով եկան ու թագաւորին ըսին. «Ո՛վ թագաւոր, գիտցիր թէ Մարերու ու Պարսիկներու օրէնքը այս է, որ թագաւորին հաստատած ոեւէ արգելիչ օրէնք ու հրաման չի փոխուիր»։ Այն ատեն թագաւորը հրամայեց, որ Դանիէլը բերեն եւ զանիկա առիւծներուն գուբը նետեն։ Թագաւորը Դանիէլին խօսեցաւ ու ըսաւ. «Քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, անիկա քեզ պիտի ազատէ»։ Ու քար մը բերին ու գուբին բերանը դրին։ Թագաւորը զանիկա իր կնիքովը ու իր մեծամեծներուն կնիքովը կնքեց, որպէս զի Դանիէլին վիճակը չփոխուի։ Ետքը թագաւորը իր տունը գնաց ու գիշերը անօթի անցուց։ Իր առջեւ նուագարաններ բերել չտուաւ ու քունը փախաւ։ Թագաւորը արշալոյսին կանուխ ելաւ ու արտորնօք առիւծներուն գուբը գնաց։ Երբ գուբին մօտեցաւ, տրտում ձայնով մը Դանիէլին պոռաց, եւ թագաւորը Դանիէլին ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, կենդանի Աստուծոյ ծառան, քու Աստուածդ, որ դուն անդադար կը պաշտես, կարող եղա՞ւ քեզ առիւծներէն ազատել»։ Այն ատեն Դանիէլ թագաւորին պատասխանեց. «Ո՛վ թագաւոր, յաւիտեան ո՛ղջ կեցիր. Իմ Աստուածս իր հրեշտակը ղրկեց ու առիւծներուն բերանը գոցեց ու ինծի չվնասեցին. վասն զի անոր առջեւ անմեղ գտնուեցայ եւ քու առջեւդ ալ, ո՛վ թագաւոր, յանցանք մը գործած չեմ»։ Այն ատեն թագաւորը շատ ուրախացաւ ու հրամայեց որ Դանիէլը գուբէն հանեն։ Դանիէլը գուբէն հանեցին ու անոր վրայ ոեւէ վնաս չտեսնուեցաւ, վասն զի իր Աստուծոյն հաւատաց։ Թագաւորը հրամայեց ու Դանիէլին վրայ չարախօսութիւն ընող մարդիկը բերին եւ զանոնք ու անոնց տղաքները ու կիները առիւծներուն գուբը նետեցին։ Անոնք դեռ գուբին յատակը չհասած՝ առիւծները անոնց վրայ յարձակեցան ու անոնց բոլոր ոսկորները փշրեցին։ Այն ատեն Դարեհ թագաւորը բոլոր երկրի ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն այսպէս գրեց. «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ. Ինծմէ հրաման ելաւ, որ իմ թագաւորութեանս բոլոր իշխանութեանը մէջ՝ Դանիէլին Աստուծոյն երեսէն դողան ու վախնան, վասն զի անիկա կենդանի Աստուած է ու յաւիտեան կը կենայ եւ անոր թագաւորութիւնը չաւրուիր ու անոր իշխանութիւնը մինչեւ վերջը կը մնայ ։ Անիկա կ’ազատէ ու կը փրկէ եւ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ ու հրաշքներ կ’ընէ եւ Դանիէլը առիւծներուն բերնէն ազատեց»։ Այսպէս Դանիէլ Դարեհի թագաւորութեանը ու Պարսիկ Կիւրոսի թագաւորութեանը ատեն յաջողութիւն գտաւ։ Բաբելոնի Բաղտասար թագաւորին առաջին տարին, Դանիէլ երազ մը տեսաւ։ Իր անկողնին մէջ՝ իր գլխուն տեսիլքները եւ երազը գրեց համառօտ կերպով։ Դանիէլ ըսաւ. «Գիշերը տեսիլքիս մէջ տեսայ թէ երկնքի չորս հովերը մեծ ծովուն վրայ կը յարձակէին Ու ծովէն չորս մեծ գազաններ ելան, որոնք իրարմէ տարբեր էին։ «Առաջինը առիւծի պէս էր ու արծիւի թեւեր ունէր։ Երբ կը նայէի՝ անոր թեւերը փրցուեցան ու երկրէն վերցուեցաւ եւ մարդու պէս ոտքերու վրայ կայնեցաւ ու անոր մարդու սիրտ տրուեցաւ։ «Երկրորդ գազանը արջի նման էր ու մէկ կողմը կայնեցաւ։ Բերանը՝ ակռաներուն մէջ՝ երեք կողի ոսկոր կար եւ անոր այսպէս ըսին. ‘Ելի՛ր, շատ միս կե՛ր’։ «Անկէ ետքը տեսայ, ահա ինձի նման ուրիշ մը, որուն կռնակին վրայ թռչունի չորս թեւեր կային։ Այս գազանը չորս գլուխ ունէր։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ։ Անկէ ետքը գիշերուան տեսիլքներու մէջ տեսայ չորրորդ գազան մը։ Անիկա ահեղ, սոսկալի ու խիստ զօրաւոր էր։ Անիկա մեծ երկաթէ ակռաներ ունէր։ Կ’ուտէր ու կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։ Իրմէ առաջ եկող գազաններէն տարբեր էր։ Տասը եղջիւր ունէր։ Երբ եղջիւրները կը դիտէի, ահա անոնց մէջ ուրիշ պզտիկ եղջիւր մը ելաւ, որուն առջեւէն միւս եղջիւրներէն երեքը խլուեցան եւ ահա այս եղջիւրին վրայ մարդու աչքերու պէս աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան կար։ «Երբ կը դիտէի, աթոռներ դրուեցան ու Հինաւուրցը նստաւ։ Անոր զգեստը՝ ձիւնի պէս ճերմակ ու գլխուն մազը բուրդի պէս էր։ Անոր աթոռը՝ կրակի բոցի պէս ու անիւները վառած կրակի պէս էին։ Անոր առջեւէն կրակի գետ մը կ’ելլէր ու կը վազէր։ Հազարաւորներ ծառայութիւն կ’ընէին անոր եւ բիւրաւորներ անոր առջեւ կը կայնէին։ Ատեանը բազմեցաւ դատելու ու գրքերը բացուեցան։ Երբ այն կողմը կը նայէի, այն եղջիւրին մեծ խօսքերուն ձայնին համար, տեսայ թէ գազանը սպաննուեցաւ եւ անոր մարմինը կորսուեցաւ ու կրակի բոցերու տրուեցաւ։ Թէեւ միւս գազաններուն իշխանութիւնը վերցուեցաւ, բայց ժամանակ մը անոր կեանքը երկարեցաւ։ Գիշերը տեսիլքի մէջ կը տեսնէի, թէ ամպերով Որդի Մարդոյ նման մէկը կու գար, մինչեւ հասաւ անոր որ յաւիտեան կենդանի է ու Որդին Մարդոյ անոր մօտեցուցին։ Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի։ «Ես՝ Դանիէլս՝ հոգիով իմ ներսիդիս վշտացայ եւ իմ տեսիլքներս զիս խռովեցին։ Հոն կայնողներէն մէկուն մօտեցայ ու բոլոր բաներուն իմաստը անոր հարցուցի եւ անիկա ինծի խօսեցաւ ու այս բաներուն մեկնութիւնը ինծի իմացուց. ‘Այս չորս գազանները չորս թագաւորներ են, որոնք երկրէն պիտի ելլեն։ Եւ Բարձրեալին սուրբերը պիտի առնեն թագաւորութիւնը ու անոնք պիտի ժառանգեն թագաւորութիւնը յաւիտեան եւ յաւիտեանս յաւիտենից’։ «Ետքը չորրորդ գազանին մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ ուզեցի, որ բոլոր միւսներէն տարբեր էր ու խիստ ահեղ էր. անոր ակռաները երկաթէ եւ եղունգները պղնձէ էին, անիկա կ’ուտէր, կը փշրէր ու մնացածը ոտքերովը կը կոխկռտէր։ Նոյնպէս հարցուցի անոր գլխուն վրայի տասը եղջիւրներուն մասին ու միւսին մասին, որուն առջեւէն երեքը ինկան, այսինքն այն եղջիւրին մասին, որ աչքեր ու մեծ բաներ խօսող բերան ունէր ու միւսներէն աւելի մեծ կ’երեւէր։ Երբ կը դիտէի՝ այդ եղջիւրը միւսներէն մեծ կ’երեւէր եւ կը տեսնէի, որ այդ եղջիւրը սուրբերուն հետ պատերազմ ըրաւ ու անոնց յաղթեց, Մինչեւ որ յաւիտեան կենդանին եկաւ եւ Բարձրեալին սուրբերուն իրաւունք տրուեցաւ ու ժամանակը հասաւ, որ սուրբերը թագաւորութիւնը առնեն։ Անիկա այսպէս ըսաւ. ‘Չորրորդ գազանը երկրի վրայ չորրորդ թագաւորութիւնը պիտի ըլլայ, որ բոլոր թագաւորութիւններէն տարբեր պիտի ըլլայ ու բոլոր երկիրը պիտի ուտէ ու զանիկա պիտի կոխկռտէ ու փշրէ Այն տասը եղջիւրները տասը թագաւորներ են, որ այն թագաւորութենէն պիտի ելլեն։ Անոնցմէ ետքը ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ անիկա առաջուաններէն տարբեր պիտի ըլլայ։ Անիկա երեք թագաւոր պիտի կործանէ, Բարձրեալին դէմ խօսքեր պիտի ըսէ ու Բարձրեալին սուրբերը պիտի սպառէ եւ պիտի մտածէ ժամանակներ ու օրէնքներ փոխել։ Անոնք մինչեւ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ անոր ձեռքը պիտի տրուին։ Թէեւ ատեանը պիտի բազմի, բայց անոր իշխանութիւնը պիտի վերցնեն, վերջապէս զանիկա բնաջինջ պիտի ընեն ու կորսնցնեն։ Թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը ու բոլոր երկնքին տակ եղող թագաւորութիւններուն մեծութիւնը Բարձրեալին սուրբերուն ժողովուրդին պիտի տրուի։ Անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն պիտի ըլլայ ու բոլոր իշխանները անոր պիտի ծառայեն ու պիտի հնազանդին’»։ «Խօսքին վերջը մինչեւ հոս է։ Իմ խորհուրդներս զիս՝ Դանիէլս՝ խիստ խռովեցուցին ու երեսիս գոյնը փոխուեցաւ եւ այս խօսքը սրտիս մէջ պահեցի»։ «Բաղտասար թագաւորին թագաւորութեանը երրորդ տարին Տեսիլքի մէջ Եղամի գաւառին Շուշան մայրաքաղաքն էի, Ուլա գետին քով։ Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ գետին քով խոյ մը կայնած էր։ Անիկա երկու եղջիւր ունէր։ Եղջիւրներէն մէկը միւսէն բարձր էր։ Այն բարձրը ետքէն ելաւ։ Տեսայ այն խոյը, որ իր եղջիւրներով դէպի արեւմուտք, դէպի հիւսիս ու դէպի հարաւ կը զարնէր ու բնաւ գազան մը անոր առջեւ չէր կրնար կայնիլ եւ անոր ձեռքէն ազատուող չկար. այնպէս որ անիկա իր ուզածին պէս ըրաւ ու մեծցաւ։ «Երբ կը մտածէի, ահա արեւմուտքէն արագընթաց արու այծ մը՝ քօշ մը՝ տեսայ, որուն ոտքերը գետնին չէին դպչիր։ Քօշը իր աչքերուն մէջտեղ ուշագրաւ եղջիւր մը ունէր։ Անիկա հասաւ մինչեւ երկու եղջիւր ունեցող խոյը, որը տեսայ թէ գետին քով կայնած էր ու իր կատաղի զօրութիւնովը խոյին վրայ յարձակեցաւ։ Տեսայ թէ երբ խոյին մօտեցաւ, զայրացաւ եւ խոյին զարկաւ ու անոր երկու եղջիւրները կոտրեց։ Խոյը ոյժ չունէր, որ դիմանար։ Ան զինք գետինը զարկաւ ու կոխկռտեց։ Մէ՛կը չկար, որ խոյը անոր ձեռքէն ազատէր։ Երբ քօշը խիստ մեծցաւ, ուժովցածին պէս՝ այն մեծ եղջիւրը կոտրեցաւ եւ անոր տեղ դէպի երկնքի չորս հովերը ուրիշ չորս աչքառու եղջիւրներ ելան։ Անոնցմէ մէկին մէջէն պզտիկ եղջիւր մը ելաւ։ Անիկա դէպի հարաւ, դէպի արեւելք ու դէպի փառաւոր երկիրը խիստ մեծցաւ Ու մինչեւ երկնքի զօրքը մեծցաւ եւ քանի մը զօրք ու աստղեր գետինը ձգեց ու զանոնք կոխկռտեց Մինչեւ որ զօրքերու Իշխանը ինքզինք բարձրացուց ու անկէ մշտնջենապէս այրուող զոհը վերցուեցաւ եւ անոր սրբարանին բնակարանը կործանուեցաւ։ Ու զօրք մը ամբարշտութեամբ մշտնջենապէս այրուող զոհին դէմ դրաւ ու ճշմարտութիւնը գետինը զարկաւ։ Ինչ որ ըրաւ՝ յաջողեցաւ։ Լսեցի որ սուրբ մը կը խօսէր եւ ուրիշ սուրբ մը առաջին խօսողին ըսաւ. ‘Մշտնջենապէս այրուող զոհին ու աւերող ամբարշտութեանը ու սրբարանին զօրքին կոխկռտուելուն տեսիլքը մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ’։ Առաջինը ինծի ըսաւ. ‘Մինչեւ երկու հազար երեք հարիւր օր, ետքը սրբարանը պիտի մաքրուի’։ «Երբ ես՝ Դանիէլս՝ տեսիլքը տեսայ ու մեկնութիւնը կ’ուզէի հասկնալ, ահա իմ առջեւս մարդու կերպարանքով մէկը կանգնեցաւ։ Ես Ուլա գետին մէջէն մարդու ձայն լսեցի, որ կը կանչէր ու կ’ըսէր. ‘Ո՛վ Գաբրիէլ, տեսիլքը ատոր հասկցուր’։ Գաբրիէլը իմ կեցած տեղիս մօտ եկաւ, վախցայ ու երեսիս վրայ ինկայ։ Անիկա ինծի ըսաւ. «Հասկցի՛ր, որդի՛ մարդոյ, որ այս տեսիլքը վերջին ժամանակին համար է»։ Երբ անիկա ինծի հետ կը խօսէր, ես թմրած՝ երեսիս վրայ գետինը ինկած էի։ Անիկա ինծի դպաւ ու զիս իմ կեցած տեղս կայնեցուց Ու ըսաւ. ‘Ահա քեզի կ’իմացնեմ բարկութեանս վերջը ըլլալիքը, վասն զի այս տեսիլքը վերջի ժամանակին համար է։ Այն տեսնուած խոյին երկու եղջիւրները՝ Մարերու ու Պարսիկներու թագաւորներն են։ Այդ այծը՝ քօշը՝ Յոյներու թագաւորն է ու անոր աչքերուն մէջտեղի մեծ եղջիւրը առաջին թագաւորն է։ Ան որ կոտրեցաւ ու անոր տեղը չորսը ելաւ, այս կը ցուցնէ թէ այն ազգէն չորս թագաւորութիւն պիտի ելլէ, բայց ո՛չ թէ անոր զօրութիւնովը։ Անոնց թագաւորութեանը վերջը, երբ ամբարիշտները իրենց ամբարշտութեան չափը լեցնեն, պնդերես ու խորագէտ թագաւոր մը պիտի ելլէ։ Անոր իշխանութիւնը պիտի զօրանայ, բայց ո՛չ թէ իր զօրութիւնովը ու անիկա ահաւոր աւերներ պիտի գործէ եւ իր կատարածներուն մէջ պիտի յաջողի, պիտի կործանէ զօրաւոր մարդիկն ու սուրբերու ժողովուրդը։ Իր խորամանկութեամբ պիտի յաջողի իր նենգաւոր ճամբաներուն մէջ ու իր սրտին մէջ պիտի հպարտանայ ու խաղաղութեան մէջ շատերը պիտի կորսնցնէ եւ իշխաններուն Իշխանին դէմ պիտի դնէ, բայց առանց ձեռքի պիտի կոտրի։ Իրիկուան ու առտուան տեսիլքը, որ ցուցուեցաւ՝ ճշմարիտ է. բայց դուն տեսիլքը գոցէ, քանզի վերջի օրերու համար է’։ «Ու ես՝ Դանիէլս՝ մարեցայ եւ քանի մը օր հիւանդացայ։ Ետքը ելայ թագաւորին գործով զբաղեցայ ու տեսիլքին համար զարմացումի մէջ էի։ Մէկը չկար որ ինծի հասկցնէր»։ Ասուերոսի որդին Դարեհ, որ Մարերու սերունդէն էր, Քաղդէացիներու պետութեան վրայ թագաւոր եղաւ։ Անոր թագաւորութեանը առաջին տարին ես՝ Դանիէլս՝ գրքերէն իմացայ այն տարիներուն թիւը, որոնց համար Տէրոջը խօսքը եղեր էր Երեմիա մարգարէին, թէ եօթանասուն տարիէն պիտի վերջացնէր Երուսաղէմի աւերումները։ Ես իմ երեսս Տէր Աստուծոյ դարձուցի, որպէս զի ծոմապահութեամբ, քուրձով ու մոխիրով աղօթք ու աղաչանք մատուցանեմ Եւ իմ Տէր Աստուծոյս աղօթք ըրի, խոստովանեցայ ու ըսի. «Ո՛հ, Տէ՛ր, մեծ եւ ահաւոր Աստուած, որ քեզ սիրողներուն եւ քու պատուիրանքներդ պահողներուն ուխտն ու ողորմութիւնը կը պահես, Մենք մեղք գործեցինք, անօրէնութիւն ըրինք, ամբարշտութիւն ըրինք եւ ապստամբեցանք ու քու պատուիրանքներէդ ու օրէնքներէդ խոտորեցանք Եւ քու ծառաներուդ՝ մարգարէներուն՝ խօսքին մտիկ չըրինք, որոնք մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն ու երկրին բոլոր ժողովուրդին քու անունովդ խօսեցան։ Ո՛վ Տէր, քեզի կը վայլէ արդարութիւն ու մեզի՝ երեսի ամօթ (ինչպէս այսօր եղաւ), Յուդայի մարդոց, Երուսաղէմի բնակիչներուն ու բոլոր մերձաւոր ու հեռաւոր Իսրայելացիներուն, այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր զանոնք քշեցիր անոնց քեզի դէմ ըրած յանցանքին համար։ Ո՛վ Տէր, երեսի ամօթ կը վայլէ մեզի, մեր թագաւորներուն, մեր իշխաններուն ու մեր հայրերուն, վասն զի քեզի դէմ մեղք գործեցինք։ Իսկ ողորմութիւն ու ներողութիւն մեր Տէր Աստուծոյն կը վայլէ, վասն զի մենք անկէ ապստամբեցանք Եւ մեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ չըրինք, որ իր օրէնքներովը քալենք, որոնք իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ միջոցով մեր առջեւ դրաւ։ Ու բոլոր Իսրայէլ քու օրէնքդ զանց ըրին եւ քու ձայնիդ մտիկ չընելով՝ խոտորեցան. ուստի Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ օրէնքին մէջ գրուած անէծքն ու երդումը մեր վրայ թափեցան, քանզի Անոր դէմ մեղք գործեցինք։ Մեր վրայ մեծ չարիք բերելով՝ հաստատեց իր խօսքերը, որոնք մեր վրայով ու մեզ դատող մեր դատաւորներուն վրայով խօսեր էր. այնպէս որ Երուսաղէմի մէջ եղածին նմանը բոլոր երկնքին տակ չեղաւ։ Մովսէսի օրէնքին մէջ գրուածին պէս այս բոլոր չարիքը մեր վրայ եկաւ. սակայն մենք մեր անօրէնութիւններէն դառնալու եւ քու ճշմարտութեանդ խելամուտ ըլլալու համար՝ մեր Տէր Աստուծմէ ներում չխնդրեցինք։ Եւ Տէրը այս աղէտը պատրաստած էր ու զանիկա մեր վրայ բերաւ, քանզի մեր Աստուածը իր բոլոր գործերուն մէջ արդար է. բայց մենք անոր ձայնին մտիկ չըրինք»։ «Ա՛րդ, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, որ քու ժողովուրդդ զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր, քեզի անուն վաստկեցար, ինչպէս այսօր կ’երեւնայ, մենք մեղք գործեցինք, ամբարշտութիւն ըրինք։ Ո՛վ Տէր, քու բոլոր բարութեանդ համեմատ շնորհք ըրէ՛, քու սուրբ լեռնէդ, Երուսաղէմ քաղաքէն, քու սրտմտութիւնդ ու բարկութիւնդ դարձուր, վասն զի մեր մեղքերուն համար ու մեր հայրերուն անօրէնութիւններուն համար՝ Երուսաղէմն ու քու ժողովուրդդ մեր բոլորտիքը եղողներէն նախատուեցան։ Եւ հիմա, ո՛վ Աստուած մեր, քու ծառայիդ աղօթքն ու աղաչանքը լսէ ու քու սիրոյդ համար՝ քու ամայացած սրբարանիդ վրայ երեսդ փայլեցուր։ Ականջդ խոնարհեցո՛ւր, ո՛վ Աստուած իմ ու լսէ՛, աչքերդ բա՛ց ու տե՛ս մեր աւերումները եւ այն քաղաքը, որ քու անունովդ կոչուած է. վասն զի մեր աղաչանքը ո՛չ թէ մեր արդարութիւններուն համար քու առջեւդ կը մատուցանենք, հապա քու մեծ ողորմութեանդ համար։ Ո՛վ Տէր, լսէ՛, ո՛վ Տէր, ներէ՛, ո՛վ Տէր, մտիկ ըրէ՛ ու կատարէ՛. մի՛ ուշանար՝ քեզի համար, ո՛վ Աստուած իմ, քանզի քու քաղաքդ ու քու ժողովուրդդ քու անունովդ կոչուած են»։ Ու երբ ես տակաւին կը խօսէի, կ’աղօթէի եւ իմ մեղքս ու իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մեղքը կը խոստովանէի եւ իմ Աստուծոյս սուրբ լերանը համար իմ աղաչանքս իմ Տէր Աստուծոյս կը մատուցանէի, Երբ ես տակաւին աղօթքի մէջ կը խօսէի, ահա այն առաջին տեսիլքին մէջ տեսած մարդս՝ Գաբրիէլը՝ շուտ մը թռչելով՝ ինծի դպաւ իրիկուան զոհին ատենը Ու ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, հիմա եկայ որ քեզի իմաստութիւն պարգեւեմ։ Քու աղաչանքիդ սկիզբը պատգամ տրուեցաւ ու ես եկայ որպէս զի պատմեմ, վասն զի դուն Աստուծոյ սիրելին ես։ Ուրեմն պատգամը միտքդ պահէ՛ ու տեսիլքը հասկցի՛ր։ Յանցանքը վերջացնելու ու մեղքը հատցնելու եւ անօրէնութիւնը քաւելու ու յաւիտենական արդարութիւնը բերելու եւ տեսիլքն ու մարգարէութիւնը կնքելու ու սուրբերուն Սուրբը օծելու համար՝ քու ժողովուրդիդ ու սուրբ քաղաքին համար եօթանասուն եօթնեակ որոշուած է։ Եւ գիտցի՛ր ու հասկցի՛ր, թէ Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն մինչեւ Օծեալ իշխանին գալը եօթը եօթնեակ ու վաթսունըերկու եօթնեակ կայ, մինչեւ նորէն հրապարակն ու պարիսպը շինուին նեղութեան ժամանկներու մէջ։ Վաթսունըերկու եօթնեակէն ետքը Օծուածը պիտի կտրուի, բայց ոչ իրեն համար։ Եկող իշխանին ժողովուրդը քաղաքն ու սրբարանը պիտի կործանէ եւ հեղեղով մը վերջը պիտի ըլլայ։ Մինչեւ պատերազմին վերջի աւերումները սահմանուած են։ Ու եօթնեակ մը շատերուն հետ ուխտը պիտի հաստատէ եւ եօթնեակին մէջտեղը զոհն ու պատարագը պիտի դադրեցնէ։ Ու աւերողը պղծութեան տաճարին վրայ պիտի ըլլայ՝ ՝, մինչեւ որ աւերուածին վրայ նախասահմանեալ կորուստը թափուի»։ Պարսիկներու Կիւրոս թագաւորին երրորդ տարին խօսք մը յայտնուեցաւ Դանիէլին, որուն անունը Բաղտասասար էր։ Այն խօսքը ճշմարիտ էր ու մեծ տառապանքի վրայով էր ՝ ՝։ Անիկա խօսքը հասկցաւ ու տեսիլքին տեղեակ եղաւ։ Այն օրերը ես՝ Դանիէլս՝ լման երեք շաբաթ սուգ պահեցի. Ախորժելի կերակուր չկերայ ու բերանս միս կամ գինի չմտաւ ու բնաւ իւղով չօծուեցայ՝ մինչեւ որ երեք շաբաթը լմնցաւ։ Առաջին ամսուան քսանըչորրորդ օրը ես Տիգրիս մեծ գետին եզերքն էի։ Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ ահա կտաւ հագած ու մէջքը Ոփազի ոսկիէ գօտի կապած մարդ մը տեսայ։ Անոր մարմինը ոսկեքարի պէս ու երեսը փայլակի երեւոյթ ունէր։ Աչքերը կրակի բոցերու պէս եւ թեւերն ու ոտքերը փայլուն պղնձի գոյնի նման էին։ Իր ձայնը բազմութեան ձայնին պէս էր։ Այս տեսիլքը միայն ես՝ Դանիէլս տեսայ։ Թէեւ ինծի հետ եղող մարդիկը տեսիլքը չտեսան, սակայն շատ վախցան ու փախան, որպէս զի պահուըտին։ Ես մինակ մնացի։ Իմ վրաս ոյժ չմնաց, իմ վայելչութիւնս ապականութեան դարձաւ ու ա՛լ ոյժ չունեցայ։ Անոր խօսքերը լսեցի ու անոր ձայնը լսածիս պէս՝ թմրած երեսիս վրայ գետինը ինկայ։ Այն ատեն ինծի ձեռք մը դպաւ ու զիս ծունկերուս ու ձեռքերուս թաթերուն վրայ վերցուց։ Ինծի ըսաւ. «Ո՛վ Դանիէլ, սիրելի՛ մարդ, քեզի ըսելու խօսքերս լսէ՛ ու եղած տեղդ կայնէ՛, քանզի հիմա քեզի ղրկուեցայ»։ Երբ անիկա այս խօսքը ինծի ըսաւ, դողալով կայնեցայ։ Ան ինծի ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այն առաջին օրէն ի վեր, որ քու սիրտդ տուիր հասկնալու եւ քու Աստուծոյդ առջեւ քու անձդ խոնարհեցուցիր, քու խօսքերդ լսուեցան ու ես քու խօսքերուդ համար եկայ։ Բայց Պարսիկներու թագաւորութեան իշխանը քսանըմէկ օր ընդդիմացաւ. սակայն ահա Միքայէլը՝ առաջին իշխաններէն մէկը՝ ինծի օգնութեան եկաւ ու ես հոն Պարսիկներու թագաւորներուն քով մնացի։ Հիմա քեզի եկայ, որպէս զի իմացնեմ թէ վերջին օրերը քու ժողովուրդիդ ինչ պիտի պատահի, վասն զի տեսիլքը ապագային համար է»։ Անոր խօսքերը լսածիս պէս՝ երեսս դէպի գետինը ծռեցի ու համր մնացի։ Ահա մարդու որդիի կերպարանքով մէկը շրթունքներուս դպաւ ու բերանս բացուեցաւ ու խօսեցայ ու դիմացս կայնողին ըսի. «Ո՛վ տէր իմ, այս տեսիլքով ցաւերս վրաս դարձան։ Ալ ոյժ չունիմ։ Իմ Տէրոջս ծառան իր Տէրոջը հետ ի՞նչպէս պիտի կրնայ խօսիլ, վասն զի հիմակուընէ վրաս ոյժ չկայ ու վրաս շունչ չմնաց»։ Այն մարդու կերպարանք ունեցողը նորէն ինծի դպաւ եւ զիս ուժովցուց Ու ըսաւ. «Մի՛ վախնար, ո՛վ սիրելի մարդ, խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, ուժովցի՛ր ու քաջ եղիր»։ Երբ անիկա ինծի հետ խօսեցաւ, ուժովցայ ու ըսի. «Թող խօսի իմ Տէրս, վասն զի ուժովցուցիր զիս»։ Անիկա ըսաւ. «Գիտե՞ս թէ ինչու համար քեզի եկայ։ Հիմա Պարսիկներու իշխանին դէմ պատերազմելու պիտի երթամ։ Երբ ես երթամ՝ Յոյներու իշխանը պիտի գայ։ Բայց ես ճշմարտութեան գրքին մէջ գրուածը քեզի պիտի պատմեմ։ Ոեւէ մէկը չկայ, որ ինծի օգնէ, բայց միայն ձեր Միքայէլ իշխանը»։ Մարերու Դարեհ թագաւորին առաջին տարին ես կայնեցայ որպէս զի զանիկա ուժովցնեմ ու զօրացնեմ։ Հիմա քեզի ճշմարտութիւնը պիտի պատմեմ. «Ահա Պարսկաստանի մէջ երեք թագաւոր ալ պիտի ելլեն ու չորրորդը ամենէն հարուստը պիտի ըլլայ ու երբ իր հարստութիւնովը ուժովնայ, ամէնքը ոտքի պիտի հանէ Յոյներու թագաւորութեան դէմ։ «Ետքը զօրաւոր թագաւոր մը պիտի ելլէ ու մեծ իշխանութիւնով պիտի տիրէ, իր կամքին ուզածին պէս պիտի ընէ. Բայց ելլելուն պէս անոր թագաւորութիւնը պիտի կոտրի ու երկնքի չորս հովերուն պիտի բաժնուի. բայց ո՛չ իր յաջորդներուն, ո՛չ ալ իր վարած իշխանութեանը. վասն զի անոր թագաւորութիւնը պիտի քակուի ու իրենցմէ ուրիշներուն պիտի անցնի։ «Հարաւի թագաւորը պիտի ուժովնայ ու անոր իշխաններէն մէկը աւելի պիտի ուժովնայ ու պիտի տիրէ։ Անոր իշխանութիւնը մեծ իշխանութիւն մը պիտի ըլլայ։ Եւ մէկ քանի տարիէն ետքը անոնք իրարու հետ դաշնակցութիւն պիտի ընեն, վասն զի հարաւի թագաւորին աղջիկը հիւսիսի թագաւորին պիտի երթայ հաշտութիւն ընելու համար, բայց բազուկի ոյժ պիտի չունենայ։ Այն թագաւորը ու անոր բազուկը պիտի չկարենայ դիմանալ, հապա այն աղջիկն ու զանիկա բերողները ու զանիկա ծնանողը եւ զայն հոգացողը պիտի սպաննուին։ «Բայց անոր արմատներուն ընձիւղներէն մէկը պիտի ելլէ անոր տեղ ու անիկա զօրքով պիտի գայ եւ հիւսիսի թագաւորին ամրոցները պիտի մտնէ ու անոնց մէջ հաճելի եղածը պիտի ընէ ու պիտի յաղթէ։ Անոնց աստուածներն ալ ձուլածոյ կուռքերուն ու ոսկեղէն ու արծաթեղէն ընտիր ամաններուն հետ իբր գերի Եգիպտոս պիտի տանի։ Անիկա հիւսիսի թագաւորէն աւելի շատ տարիներ պիտի կայնի՝ ՝։ Հարաւի թագաւորին պետութեանը մէջ պիտի մտնէ ու նորէն իր երկիրը պիտի դառնայ։ «Անոր որդիները պատերազմի պիտի ելլեն ու շատ զօրքերու բազմութիւն պիտի հաւաքեն. ինք ալ անպատճառ պիտի գայ ու հեղեղի պէս պիտի անցնի եւ մինչեւ անոր ամրոցը պիտի շարունակէ պատերազմիլ։ Իսկ հարաւի թագաւորը պիտի կատղի ու պիտի ելլէ։ Անոր հետ, այսինքն հիւսիսի թագաւորին հետ, պատերազմ պիտի ընէ, բայց բազմութիւնը հարաւի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուի, Որը երբ այն բազմութիւնը առնէ, իր սիրտը պիտի բարձրացնէ ու բիւրաւորներ պիտի կործանէ, բայց պիտի չուժովնայ. Քանզի հիւսիսի թագաւորը պիտի դառնայ ու նախորդէն աւելի բազմութիւն ոտքի պիտի հանէ ու մէկ քանի տարիէն մեծ զօրքով ու մեծ պատրաստութեամբ անշուշտ պիտի գայ։ «Այն ժամանակները հարաւի թագաւորին վրայ շատերը պիտի ելլեն ու քու ժողովուրդիդ բռնաւորներուն որդիներն ալ ոտքի պիտի ելլեն՝ տեսիլքը կատարելու համար, բայց պիտի գլորին։ Հիւսիսի թագաւորը պիտի գայ ու հողաբլուրներ պիտի կանգնեցնէ ու պարսպապատ քաղաքները պիտի առնէ եւ հարաւի թագաւորին բազուկները ու անոր ընտրեալները պիտի տկարանան, ո՛չ ալ դիմանալու ոյժ պիտի ունենան։ Անոր վրայ եկողը իր ուզածին պէս պիտի ընէ։ Անոր առջեւ դէմ դնող պիտի չըլլայ։ Փառաւոր երկրին մէջ պիտի կենայ եւ իր ձեռքով պիտի աւերէ։ Պիտի դառնայ իր թագաւորութեան բոլոր ուժովը, խաղաղութեան պայմանները պիտի բերէ եւ հաստատէ զանոնք, կիներուն աղջիկը անոր պիտի տայ, որպէս զի կործանէ թագաւորութիւնը, բայց անոր հետ պիտի չկենայ կամ բան մը պիտի չշահի։ Վերջապէս իր երեսը դէպի կղզիները պիտի դարձնէ ու անոնցմէ շատերը պիտի առնէ, բայց իշխան մը անոր նախատինքը պիտի դադրեցնէ ու ասկէ զատ անոր նախատինքը անոր վրայ պիտի դարձնէ։ Իր երեսը դէպի իր երկրին ամրոցները պիտի դարձնէ, բայց պիտի տկարանայ, պիտի իյնայ ու պիտի չգտնուի։ Եւ անոր տեղ ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ հարկապահանջը պիտի ղրկէ իր թագաւորութեանը փառքին համար՝ ՝, բայց անիկա քիչ օրերու մէջ պիտի կոտրի, սակայն ո՛չ բարկութեամբ եւ ո՛չ պատերազմով։ Անոր տեղ անարգ մէկը պիտի ելլէ, որուն թագաւորական պատիւ պիտի չտան. բայց անիկա հանդարտութեամբ պիտի գայ ու շողոքորթութիւններով թագաւորութիւնը պիտի առնէ։ Անոր առջեւէն բանակները հեղեղի պէս պիտի քալեն եւ ընկղմին, նաեւ ուխտին իշխանը։ Քանզի անոր հետ դաշինք կնքելէ ետք նենգութիւն պիտի ընէ ու տկար ազգով պիտի յաղթէ։ Անիկա հանդարտութեամբ խիստ պարարտ գաւառի մէջ պիտի մտնէ ու իր հայրերուն ու անոնց հայրերուն չըրածը ինք պիտի ընէ։ Անոնց մէջ աւար եւ կողոպուտ ու ստացուածք պիտի բաժնէ ու կարճ ժամանակ մը պարիսպներուն դէմ իր ծրագիրները պիտի մշակէ։ Մեծ զօրքով իր զօրութիւնն ու սիրտը պիտի գրգռէ հարաւի թագաւորին դէմ։ Հարաւի թագաւորն ալ խիստ մեծ ու զօրաւոր զօրքով պատերազմի պիտի ելլէ, բայց պիտի չկարենայ դիմանալ. վասն զի անոր դէմ ծրագիրներ պիտի մշակուին։ Անոր ազնիւ կերակուրները ուտողները անգամ զանիկա պիտի կոտորեն եւ անոր զօրքը պիտի ցրուի ու շատերը պիտի սպաննուին։ Այս երկու թագաւորներուն ալ սիրտը չարութիւն ընելու հակամէտ պիտի ըլլայ ու նոյն սեղանին վրայ սուտ պիտի խօսին, բայց պիտի չյաջողին, վասն զի վախճանը որոշուած ժամանակին պիտի հասնի։ Անիկա շատ հարստութիւնով իր երկիրը պիտի դառնայ, բայց իր սիրտը սուրբ ուխտին դէմ պիտի ըլլայ։ Իր ուզածը պիտի ընէ ու իր երկիրը պիտի դառնայ։ «Որոշուած ժամանակին պիտի դառնայ ու հարաւին վրայ պիտի երթայ. բայց վերջինը առաջինին պէս պիտի չըլլայ։ Քանզի Կիտացիներու նաւերը անոր դէմ պիտի երթան եւ անիկա պիտի թուլնայ ու դառնալով սուրբ ուխտին դէմ պիտի ելլէ, պիտի դառնայ ու սուրբ ուխտը մերժողներուն մտիկ պիտի ընէ։ Իր բանակներէն ոմանք պիտի երեւին եւ պղծեն տաճարը եւ բերդը ու պիտի վերցնեն մշտնջենապէս այրուող զոհը։ Անոր տեղ աւերող պղծութիւնը պիտի դնեն։ Ու ուխտին դէմ ամբարշտութիւն ընողները շողոքորթութիւններով գլխէ պիտի հանէ. բայց իրենց Աստուածը ճանչցող ժողովուրդները պիտի զօրանան ու պիտի ընդդիմանան։ Ժողովուրդին խելացիները շատերուն պիտի սորվեցնեն, թէեւ ատեն մը սուրի, կրակի, գերութեան եւ յափշտակութեան պիտի հանդիպին։ Բայց երբ այս բաներուն հանդիպին՝ քիչ մը օգնութիւն պիտի գտնեն։ Ու շատերը շողոքորթութիւններով անոնց պիտի յարին։ Խելացիներէն ոմանք այս բաներուն պիտի հանդիպին, որպէս զի մինչեւ վերջին ժամանակը զանոնք փորձէ, մաքրէ ու ճերմկցնէ. քանզի անիկա տակաւին որոշ ժամանակ մը պիտի տեւէ ։ «Այն թագաւորը իր ուզածը պիտի ընէ ու զինքը բոլոր աստուածներէն վեր պիտի բարձրացնէ ու պիտի մեծցնէ եւ աստուածներուն Աստուծոյն դէմ սոսկալի բաներ պիտի խօսի ու յաջողութիւն պիտի գտնէ՝ մինչեւ որ բարկութիւնը կատարուի. քանզի նախասահմանուածը պիտի գործադրուի։ Ան իր հայրերուն աստուածներուն մասին պիտի չմտածէ, ո՛չ ալ կիներու ցանկութիւններու մասին ու ոեւէ աստուած պիտի անտեսէ, քանզի ինքզինք ամենէն մեծ պիտի սեպէ։ Ան բերդերուն աստուածը իր եղած տեղը պիտի պատուէ ու իր հայրերուն չճանչցած աստուածը ոսկիով, արծաթով, պատուական քարերով ու ցանկալի բաներով պիտի պատուէ։ Օտար աստուծոյ հետ զօրաւոր բերդերու մէջ պիտի գործէ ու զանիկա ճանչցողներուն փառքը պիտի շատցնէ եւ շատերուն վրայ տիրել պիտի տայ անոնց ու երկիրը իբրեւ վարձք՝ ՝ պիտի բաժնէ։ «Վերջին ժամանակը հարաւի թագաւորը անոր վրայ պիտի յարձակի, բայց հիւսիսի թագաւորը կառքերով, ձիաւորներով ու շատ նաւերով մրրիկի պէս հարաւի թագաւորին դէմ պիտի երթայ ու անոր երկիրը պիտի մտնէ ու կոխելով պիտի անցնի։ Փառաւոր երկիրը պիտի մտնէ ու շատ երկիրներ տակնուվրայ պիտի ընէ. բայց անոր ձեռքէն պիտի ազատին Եդովմը, Մովաբն ու Ամմոնի որդիներուն գլխաւոր քաղաքը ։ Իր ձեռքը երկիրներու վրայ պիտի երկնցնէ ու Եգիպտոսը պիտի չկարենայ ազատիլ։ Ոսկիի ու արծաթի գանձերուն ու Եգիպտոսի բոլոր պատուական բաներուն պիտի տիրէ եւ Լիբէացիներն ու Եթովպիացիները անոր պիտի հետեւին։ Բայց արեւելքէն ու հիւսիսէն լուրեր պիտի գան, որոնք զինք պիտի խռովեցնեն, ուստի մեծ բարկութեամբ պիտի ելլէ, որպէս զի դաշտերը կորսնցնէ ու բնաջինջ ընէ։ Պալատներու պէս վրանները ծովուն մէջտեղ փառաւոր ու սուրբ լերան վրայ պիտի կանգնեցնէ. բայց անիկա իր վախճանին պիտի հասնի ու անոր օգնութիւն ընող պիտի չըլլայ»։ Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ կենայ ու այնպիսի նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ եւ այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի։ Երկրի հողին մէջ քնացողներուն շատերը պիտի արթննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար, ոմանք ալ նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար։ Եւ իմաստունները երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս ու անոնք որ շատերը արդարութեան կ’առաջնորդեն՝ աստղերու պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից։ «Դո՛ւն, ո՛վ Դանիէլ, այս խօսքերը գոցէ ու գիրքը կնքէ մինչեւ վերջին ժամանակը։ Շատերը ուշադրութեամբ պիտի կարդան ու գիտութիւնը պիտի շատնայ»։ Ես՝ Դանիէլս՝ տեսայ թէ ուրիշ երկու մարդիկ կայներ էին, մէկը գետին մէկ եզերքը ու միւսը՝ գետին միւս եզերքը։ Մէկը ըսաւ այն կտաւ հագած մարդուն, որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր. «Այս սքանչելի բաներուն վերջը ե՞րբ պիտի ըլլայ»։ Եւ լսեցի որ այն կտաւ հագած մարդը, որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր, իր աջ ու ձախ ձեռքերը երկինք վերցնելով՝ յաւիտեան կենդանի եղողին վրայ երդում ըրաւ, որ ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ պիտի ըլլայ ու երբ սուրբ ժողովուրդին զօրութիւնը բոլորովին ցրուի, այս բոլորը պիտի կատարուին։ Ես լսեցի, բայց չհասկցայ ու ըսի. «Ո՛վ տէր իմ, ասոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Անիկա ըսաւ. «Գնա՛, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այս խօսքերը մինչեւ վերջին ժամանակը գոցուած ու կնքուած են։ Շատերը պիտի մաքրուին ու պիտի ճերմկնան ու պիտի փորձուին, բայց ամբարիշտները ամբարշտութիւն պիտի ընեն ու բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա իմաստունները պիտի հասկնան։ Ու մշտնջենապէս այրուող զոհին վերցուելուն եւ աւերող պղծութեանը դրուելուն ժամանակէն՝ ՝ հազար երկու հարիւր իննիսուն օր պիտի ըլլայ։ Երանի՜ անոր որ պիտի սպասէ ու հազար երեք հարիւր երեսունըհինգ օրուան պիտի հասնի։ Բայց դուն գնա՛ մինչեւ վախճանը, վասն զի պիտի հանգչիս ու օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս »։ Տէրոջը խօսքը, որ Բէերիի որդիին Ովսէէին եղաւ, Յուդայի թագաւորներուն, Ոզիային, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային եւ Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը։ Ովսէէի միջոցով եղած Տէրոջը խօսքին սկիզբը։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Գնա՛, քեզի պոռնկութեան կին մը ու պոռնկութեան տղաքներ ա՛ռ, քանզի երկիրը Տէրոջմէ խոտորելով՝ խիստ շատ պոռնկացաւ»։ Անիկա գնաց ու Դաբելայիմին աղջիկը՝ Գոմերը՝ առաւ եւ անիկա յղացաւ ու անոր որդի մը ծնաւ։ Տէրը անոր ըսաւ. «Անոր անունը Յեզրայէլ դի՛ր, քանզի քիչ ատենէն Յեզրայէլի մէջ թափուած արիւնները Յէուին տունէն պիտի պահանջեմ ու Իսրայէլին տանը թագաւորութիւնը պիտի վերջացնեմ։ Այն օրը Յեզրայէլի հովիտին մէջ Իսրայէլին աղեղը պիտի կոտրեմ»։ Գոմեր դարձեալ յղացաւ ու աղջիկ մը ծնաւ։ Տէրը ըսաւ Ովսէէին. «Անոր անունը Լօրուհամա դի՛ր, քանզի ա՛լ պիտի չողորմիմ Իսրայէլի տանը. հապա զանիկա բոլորովին պիտի վերցնեմ՝ ՝։ Բայց Յուդային տանը ողորմութիւն պիտի ընեմ ու զանոնք իրենց Տէր Աստուծմով պիտի փրկեմ։ Զանոնք աղեղով կամ սուրով կամ պատերազմով, ձիերով կամ ձիաւորներով պիտի չփրկեմ»։ Երբ Լօրուհաման կաթէն կտրեց, նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ։ Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Անոր անունը Լօամմի դի՛ր, քանզի դուք իմ ժողովուրդս չէք ու ես ձեզի Աստուած պիտի չըլլամ»։ «Բայց Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազի պէս պիտի ըլլայ, որ անչափ ու անթիւ է ու այն տեղ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ ‘Դուք իմ ժողովուրդս չէք’, հոն անոնք ‘Կենդանի Աստուծոյն որդիները պիտի կոչուին’։ Եւ Յուդայի որդիներն ու Իսրայէլի որդիները մէկտեղ պիտի հաւաքուին ու իրենց վրայ իշխան մը պիտի դնեն ու երկրէն պիտի ելլեն, քանզի Յեզրայէլի օրը մեծ պիտի ըլլայ»։ Ձեր եղբայրներուն Ամմի, Ու ձեր քոյրերուն Րուհամա ըսէք։ Վիճեցէ՛ք ձեր մօրը հետ, վիճեցէք, Քանզի անիկա իմ կինս չէ Ու ես անոր այրը չեմ։ Անիկա իր երեսէն իր պոռնկութիւնները Ու իր ծիծերուն մէջէն իր շնութիւնները թող վերցնէ, Որ չըլլայ թէ զանիկա մերկացնեմ, Զանիկա իր ծննդեան օրուանը պէս թողում, Զանիկա անապատի դարձնեմ, Զանիկա անջուր երկրի պէս ընեմ, Զանիկա ծարաւով մեռցնեմ։ Անոր որդիներուն ողորմութիւն պիտի չընեմ, Քանզի անոնք պոռնկութեան որդիներ են։ Անոնց մայրը պոռնկութիւն ըրաւ, Զանոնք յղացողը խայտառակութիւն գործեց։ Վասն զի ըսաւ. «Իմ տարփածուներուս ետեւէն երթամ, Որոնք իմ հացս ու ջուրս, բուրդս ու քթանս, Իւղս ու խմելիքներս ինծի կու տան»։ Անոր համար ահա ես փուշերով ցանկ պիտի քաշեմ անոր ճամբուն՝ ՝ Ու անոր բոլորտիքը պատ պիտի շինեմ, Որպէս զի իր ճամբաները չկրնայ գտնել։ Եւ անիկա իր տարփածուներուն ետեւէն պիտի երթայ, բայց անոնց պիտի չհասնի։ Զանոնք պիտի փնտռէ, բայց պիտի չկրնայ գտնել։ Այն ատեն պիտի ըսէ. «Երթամ իմ առաջուան էրկանս, Քանզի այն ատեն հիմակուընէ աղէկ վիճակի մէջ էի»։ Եւ մայրդ չգիտցաւ թէ ցորենն ու գինին ու իւղը ես իրեն կու տայի Եւ իրեն արծաթն ու ոսկին ես կը շատցնէի, Որոնցմով անոնք Բահաղի Կուռքեր շինեցին ։ Անոր համար պիտի դառնամ ու իմ ցորենս իր եղանակին մէջ Ու իմ գինիս իր որոշ ժամանակին մէջ պիտի առնեմ Եւ անոր մերկութիւնը ծածկող բուրդս ու քթանս ետ պիտի առնեմ։ Հիմա անոր տարփածուներուն առջեւ Անոր անզգամութիւնը պիտի յայտնեմ։ Մարդ պիտի չգտնուի, որ զանիկա իմ ձեռքէս ազատէ։ Անոր բոլոր ուրախութիւնը, Անոր տօները, ամսագլուխներն ու շաբաթները Եւ բոլոր հանդիսաւոր օրերը պիտի խափանեմ։ Պիտի աւերեմ անոր որթատունկերն ու թզենիները, Որոնց համար կ’ըսէր թէ ‘Ասոնք տարփածուներուս ինծի տուած պարգեւներն են’, Եւ անտառի պիտի դարձնեմ զանոնք Ու դաշտի գազանները պիտի ուտեն զանոնք։ Զանիկա պիտի պատժեմ այն օրերուն համար, Որոնց մէջ անիկա Բահաղիմներուն խունկ կը ծխէր, Իր օղերովն ու մանեակներովը կը զարդարուէր Եւ իր տարփածուներուն ետեւէն կ’երթար Ու զիս մոռցեր էր», կ’ըսէ Տէրը։ «Անոր համար ահա ես զանիկա պիտի հրապուրեմ, Զանիկա անապատը պիտի տանիմ, Անոր սրտին պէս պիտի խօսիմ։ Անկէ անոր այգիները Աքովրի ձորը յոյսի դրան համար անոր պիտի տամ, Հոն իր մանկութեան օրերուն պէս, Եգիպտոսի երկրէն ելած օրուանը պէս երգեր պիտի երգէ։ Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Զիս ‘Իմ այրս’ պիտի կոչես, Ու անգամ մըն ալ զիս ‘Իմ Բահաղս’ պիտի չկոչես։ Անոր բերնէն Բահաղամի անունները պիտի ջնջեմ Ու անոնք անգամ մըն ալ իրենց անուններովը պիտի չյիշուին։ Անոնց համար այն օրը՝ Դաշտի գազաններուն հետ, երկնքի թռչուններուն հետ Ու երկրի սողուններուն հետ ուխտ պիտի ընեմ։ Երկրէն աղեղը, սուրն ու պատերազմը պիտի վերցնեմ, Զանոնք ապահովութեամբ պիտի պառկեցնեմ։ Քեզ յաւիտեան ինծի պիտի նշանեմ. Քեզ արդարութիւնով, իրաւունքով, Ողորմութիւնով ու գթութիւնով ինծի պիտի նշանեմ. Այո՛, քեզ ճշմարտութիւնով ինծի պիտի նշանեմ Ու Տէրը պիտի ճանչնաս։ Եւ ‘Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, պատասխան պիտի տամ, Ես երկինքներուն պատասխան պիտի տամ Ու անոնք երկրին պատասխան պիտի տան Ու երկիրը ցորենին, գինիին ու իւղին պատասխան պիտի տայ։ Անոնք Յեզրայէլին պատասխան պիտի տան։ Զանիկա ինծի համար երկրի վրայ պիտի սերմանեմ Ու «Չողորմեալին» պիտի ողորմիմ Եւ իմ ժողովուրդս չեղողին՝ ‘Դուն իմ ժողովուրդս ես’, պիտի ըսեմ. Ան ալ ինծի ՝ ‘Իմ Աստուածս ես’, պիտի ըսէ’»։ Անկէ ետքը Տէրը ինծի ըսաւ. «Նորէն գնա՛, իր բարեկամէն սիրուած շնացող կին մը սիրէ, ինչպէս Տէրը Իսրայէլի որդիները կը սիրէ, թէեւ անոնք օտար աստուածներու կը դառնան ու չամչեղէն կարկանդակներ կը սիրեն»։ Ուստի զանիկա տասնըհինգ սիկղ արծաթով ու մէկ ու կէս քոռ գարիով ինծի առի Եւ անոր ըսէ՛. «Ինծի համար շատ օրեր կեցիր, շնութիւն մի՛ ըներ եւ ուրիշ մարդու մը մի՛ մօտենար։ Ես ալ քեզի համար այնպէս պիտի ըլլամ»։ Քանզի Իսրայէլի որդիները շատ օրեր առանց թագաւորի, առանց իշխանի, առանց զոհի, առանց կուռքի, առանց եփուտի ու թերափիմի պիտի նստին։ Ետքը Իսրայէլի որդիները պիտի դառնան ու իրենց Տէր Աստուածը եւ իրենց Դաւիթ թագաւորը պիտի փնտռեն ու վերջին օրերը Տէրոջը ու անոր բարկութեանը պիտի գան։ Տէրոջը խօսքը լսեցէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Քանզի Տէրը երկրի բնակիչներուն հետ վէճ ունի, Քանզի երկրի վրայ ճշմարտութիւն չկայ ու ողորմութիւն չկայ Ու Աստուծոյ գիտութիւնը չկայ։ Երդումն ու ստախօսութիւնը, մարդասպանութիւնը, Գողութիւնն ու շնութիւնը շատցեր են Ու արիւնները արիւններու կը խառնեն։ Անոր համար երկիրը սուգ պիտի բռնէ Ու անոր բոլոր բնակիչները Դաշտի գազաններուն ու երկնքի թռչուններուն հետ պիտի նուաղին Ու ծովու ձուկերն ալ պիտի սպառին։ Սակայն մարդ թող չվիճի ու մարդ թող չյանդիմանէ, Քանզի քու ժողովուրդդ քահանային հետ վիճողներու պէս է։ Ուստի դուն ցորեկով պիտի գլորիս Ու մարգարէն ալ քեզի հետ գիշերով պիտի գլորի Եւ քու մայրդ բնաջինջ պիտի ընեմ։ Իմ ժողովուրդս գիտութիւն չունենալուն համար բնաջինջ եղաւ. Որովհետեւ դուն գիտութիւնը մերժեցիր, Ես ալ քեզ պիտի մերժեմ, որպէս զի անգամ մըն ալ ինծի քահանայ չըլլաս։ Որովհետեւ քու Աստուծոյդ օրէնքը մոռցար, Ես ալ քու որդիներդ պիտի մոռնամ։ Անոնք որչափ բազմացան, Այնչափ ինծի դէմ մեղք գործեցին. Ուստի անոնց փառքը անարգութեան պիտի փոխեմ։ Անոնք իմ ժողովուրդիս մեղքը կ’ուտեն Եւ իրենց սրտերը անոնց անօրէնութեանը կու տան՝ ՝։ Ուրեմն ինչպէս ժողովուրդին՝ նոյնպէս ալ քահանային պիտի ըլլայ։ Զանոնք իրենց ճամբաներուն համեմատ պիտի պատժեմ Ու իրենց գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանեմ անոնց։ Պիտի ուտեն, բայց պիտի չկշտանան։ Պոռնկութիւն պիտի ընեն եւ պիտի չշատնան. Քանզի Տէրոջը ուշադրութիւն չըրին։ Շնութիւնը, գինին ու քաղցուն Սիրտը կը խաբեն։ Իմ ժողովուրդս իր փայտին կը հարցնէ Ու իր ցուպը իրեն կ’իմացնէ. Քանզի պոռնկութեան ոգին զանոնք գլխէ հանեց Ու իրենց Աստուածը լքելով պոռնկացան։ Լեռներուն գլուխները զոհ կը մատուցանեն, Բլուրներուն վրայ՝ կաղնիի, կաղամախի ու բեւեկնիի տակ, Անոնց հովանիին հաճելի ըլլալուն համար, խունկ կը ծխեն. Անոր համար ձեր աղջիկները պոռնկութիւն պիտի ընեն Ու ձեր հարսերը շնութիւն պիտի ընեն։ Ձեր աղջիկները պիտի չպատժեմ երբ պոռնկութիւն ընեն, Ո՛չ ալ ձեր հարսերը՝ երբ շնութիւն ընեն. Քանզի հայրերը իրենք պոռնիկներուն հետ կը մեկուսանան Ու հանրակիներուն հետ կը զոհեն, Ուստի անմիտ ժողովուրդը պիտի կործանի։ Թէեւ դուն պոռնկութիւն կ’ընես, ո՛վ Իսրայէլ, Յուդա թող յանցաւոր չըլլայ Ու Գաղգաղա մի՛ մտնէք ու Բեթաւան մի՛ ելլէք։ «Տէրը կենդանի է» ըսելով ՝ երդում մի՛ ընէք։ Քանզի Իսրայէլ կամակոր երինջի պէս ապստամբեր է։ Հիմա Տէրը լայնարձակ տեղ մը գառներու պէս պիտի արածէ զանոնք։ Եփրեմ կուռքերու յարեր է. Զանիկա թող տուր։ Անոնց խնճոյքը ապականած է։ Շատ պոռնկութիւն ըրին։ Տուէք ըսելը կը սիրեն։ Ամօ՜թ անոնց իշխաններուն։ Հովը զանիկա իր թեւերուն վրայ պիտի կապէ Ու անոնք իրենց զոհերէն պիտի ամչնան։ Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ քահանաներ Ու մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ Իսրայէլի տուն Ու ականջ տուէ՛ք, ո՛վ թագաւորի տուն, Վասն զի ձեզի համար դատաստան կայ։ Քանզի դուք Մասփայի մէջ՝ որոգայթ Եւ Թաբօրի վրայ տարածուած վարմ եղաք։ Մոլորածները սպաննութիւն ընելով մեղքի մէջ խորասոյզ եղան, Թէեւ ես անոնց ամենուն խրատ կու տայի ՝ ՝։ Ես Եփրեմը կը ճանչնամ Ու Իսրայէլ ինծմէ պահուած չէ։ Այո՛, հիմա, ո՛վ Եփրեմ, դուն շնութիւն կ’ընես Ու Իսրայէլ պղծուած է։ Անոնք իրենց գործերը չեն շտկեր՝ ՝, Որ իրենց Աստուծոյն դառնան. Քանզի անոնց մէջ պոռնկութեան ոգի կայ Ու Տէրը չեն ճանչնար։ Ուստի Իսրայէլի հպարտութիւնը իր երեսին առջեւ պիտի խոնարհի՝ ՝ Եւ Իսրայէլ ու Եփրեմ իրենց անօրէնութիւնովը պիտի գլորին։ Յուդան ալ անոնց հետ պիտի գլորի։ Անոնք իրենց ոչխարներովն ու արջառներովը Տէրը փնտռելու պիտի երթան, բայց պիտի չգտնեն։ Անիկա անոնցմէ պահուեցաւ։ Անոնք Տէրոջը անհաւատարմութիւն ըրին, Քանզի օտար տղաքներ ծնան. Հիմա իրենց վիճակներովը մէկտեղ Մէկ ամսուան մէջ պիտի սպառին՝ ՝։ Գաբաայի մէջ շեփոր հնչեցուցէ՛ք Եւ Ռամայի մէջ՝ փող։ Բեթաւանի մէջ բարձրաձայն կանչեցէ՛ք, Քու ետեւէդ, ո՛վ Բենիամին։ Յանդիմանութեան օրը Եփրեմ ամայի պիտի ըլլայ։ Իսրայէլի ցեղերուն մէջ ճշմարիտը ցուցուցի։ Յուդայի իշխանները սահմաններ փոխողներու պէս եղան, Անոնց վրայ ջուրի պէս պիտի թափեմ իմ բարկութիւնս։ Եփրեմ հարստահարուած ու դատաստանով խորտակուած է Քանզի յօժար կամքով ունայնութեան ետեւէն քալեց։ Ուստի ես Եփրեմին՝ ցեցի պէս Եւ Յուդայի տանը փայտի որդի պէս պիտի ըլլամ։ Երբ Եփրեմը իր ախտը եւ Յուդան իր վէրքը տեսաւ, Եփրեմ Ասորեստան գնաց Ու Յարեբ թագաւորին դեսպաններ ղրկեց։ Բայց անիկա ձեզ բժշկելու ու ձեր վէրքը առողջացնելու կարող չէ։ Քանզի ես Եփրեմին առիւծի պէս Եւ Յուդայի տանը առոյգ առիւծի պէս պիտի ըլլամ. Ես, ե՛ս պիտի պատառեմ ու պիտի երթամ։ Պիտի տանիմ ու ազատող մը պիտի չըլլայ։ Ես կրկին իմ տեղս պիտի դառնամ, Մինչեւ անոնք իրենց յանցաւոր ըլլալը խոստովանին ու իմ երեսս փնտռեն։ Երբ նեղութեան մէջ փութով զիս փնտռեն ու ըսեն. «Եկէ՛ք, Տէրոջը դառնանք, Քանզի անիկա զարկաւ ու անիկա մեզ պիտի բժշկէ։ Անիկա վիրաւորեց ու անիկա պիտի կապէ, Երկու օրէն մեզ պիտի կենդանացնէ, Երրորդ օրը մեզ պիտի կանգնեցնէ Ու անոր առջեւ պիտի ապրինք։ Տէրը պիտի ճանչնանք ու զանիկա ճանչնալու ետեւէ պիտի ըլլանք. Անոր ելքը արշալոյսի պէս պատրաստուած է Ու անիկա մեզի պիտի գայ անձրեւի պէս, Երկիրը ոռոգող վերջին անձրեւին պէս։ Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Եփրեմ, Քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ Յուդա, Վասն զի ձեր բարութիւնը առաւօտեան ամպին պէս Ու շուտով ցնդող ցօղի պէս է։ Ասոր համար մարգարէներուն ձեռքով զանոնք կոտրեցի, Բերնիս խօսքերովը զանոնք մեռցուցի, Որպէս զի իմ դատաստաններս լոյսի պէս ելլեն։ Քանզի ես ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ոչ թէ՝ զոհ Ու ողջակէզներէն աւելի՝ Աստուծոյ գիտութիւնը։ Իսկ անոնք Ադամի պէս ուխտազանց եղան Ու ինծի անհաւատարմութիւն ըրին։ Գաղաադ անօրէններու քաղաք է, Արեան հետքերով լեցուն է։ Ինչպէս աւազակներու գունդերը Մարդու համար դարանամուտ կ’ըլլան, Այնպէս ալ քահանաներուն խումբը Սիւքէմի ճամբուն մէջ սպաննութիւն Եւ եղեռնագործութիւն կ’ընեն։ Իսրայէլի տանը մէջ սոսկալի բաներ տեսայ, Եփրեմին պոռնկութիւնները հոն են, Իսրայէլ պղծուեցաւ։ Քեզի ալ հունձք մը պատրաստուած է, ո՛վ Յուդա, Երբ իմ ժողովուրդս գերութենէ դարձնեմ։ Երբ Իսրայէլը պիտի բժշկէի, Եփրեմին անօրէնութիւնը Ու Սամարիային չարութիւնները յայտնուեցան. Քանզի անոնք նենգութեամբ կը գործեն։ Գողը ներս կը մտնէ Ու դուրսը աւազակները կը մերկացնեն։ Իրենք չեն մտածեր, Թէ ես իրենց բոլոր չարութիւնը կը յիշեմ։ Հիմա իրենց գործերը զիրենք պաշարեցին, Անոնք իմ երեսիս առջեւն են։ Իրենց չարութիւնովը՝ թագաւորը Ու իրենց ստութիւններովը իշխանները կ’ուրախացնեն։ Ամէնքն ալ շնացող են, Տաք թոնիրի կը նմանին, Որուն հացագործը կը դադրեցնէ կրակը խառնելը Խմորը շաղելէն ետք, մինչեւ որ թթուի։ Մեր թագաւորին տօնն է այսօր, Իշխանները գինիին տաքութենէն հիւանդացան։ Անիկա իր ձեռքը ծաղրողներուն երկնցուց։ Որովհետեւ անոնց սրտերը նենգութեամբ վառարանի մը նման բռնկած են։ Ամբողջ գիշերը բարկութիւնը բորբոքեցաւ, Առտուն բոցավառ կրակի պէս բռնկեցաւ։ Ամէնքը թոնիրի պէս տաքցան Ու իրենց դատաւորները կերան։ Անոնց բոլոր թագաւորները ինկան. Անոնցմէ ո՛չ ոք զիս կը կանչէ։ Եփրեմ ժողովուրդներուն հետ խառնուեցաւ։ Եփրեմը չդարձուած շօթի պէս է։ Օտարները անոր զօրութիւնը կերան ու ինք չի գիտեր. Նոյնիսկ մազերուն մէջ ճերմակ ինկաւ ու ինք չի գիտեր։ Եւ Իսրայէլին հպարտութիւնը իր դէմ կը վկայէ, Սակայն անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն չեն դառնար Ու զանիկա չեն փնտռեր։ Եփրեմ միամիտ ու անխելք աղաւնիի պէս եղաւ։ Եգիպտացիները կը կանչեն, Ասորեստան կ’երթան։ Երբ անոնք երթան, անոնց վրայ իմ վարմս պիտի տարածեմ, Որպէս զի զանոնք երկնքի թռչունի պէս իջեցնեմ Ու զանոնք պատժեմ, ինչպէս ժողովուրդին մէջ տարածուեր էր։ Վա՜յ անոնց, քանզի ինծմէ փախան։ Կորուստը անոնց պիտի հասնի, քանզի ինծի դէմ յանցանք գործեցին։ Թէեւ զանոնք ես փրկեցի, Բայց անոնք ինծի դէմ սուտ խօսեցան։ Երբ անոնք իրենց անկողիններուն վրայ կ’ողբային, Իրենց սրտովը ինծի չաղաղակեցին։ Անոնք ցորենի ու գինիի համար կը հաւաքուին Ու ինծի դէմ կ’ապստամբին։ Թէպէտ զանոնք խրատեցի Ու անոնց բազուկները զօրացուցի, Սակայն ատիկա ինծի չարութիւն սեպեցին։ Անոնք կը դառնան, բայց, ո՛չ Բարձրեալին։ Անոնք խաբեբայ աղեղի պէս են։ Անոնց իշխանները իրենց լեզուին կատաղութեանը համար սուրով պիտի իյնան։ Ասիկա պիտի ըլլայ անոնց նախատինքը Եգիպտոսի մէջ։ Փողը բերանդ դի՛ր ։ Թշնամին Տէրոջը տանը վրայ արծիւի պէս պիտի գայ, Քանզի իմ ուխտս զանց ըրին Ու իմ օրէնքիս դէմ յանցանք գործեցին։ Իսրայէլ ինծի կ’աղաղակէ ու կ’ըսէ. «Ո՛վ իմ Աստուածս, մենք քեզ կը ճանչնանք»։ Իսրայէլ բարին մերժեց, ուստի Թշնամին պիտի հալածէ զանիկա։ Անոնք թագաւորներ դրին, բայց ոչ ինծմով։ Իշխաններ ընտրեցին, բայց ես չգիտցայ։ Իրենց արծաթովն ու ոսկիովը իրենց կուռքեր շինեցին, Որպէս զի բնաջինջ ըլլան։ Քու հորթդ, ո՛վ Սամարիա, մերժուեցաւ. Իմ բարկութիւնս անոնց վրայ բորբոքեցաւ. Մինչեւ ե՞րբ անմեղութիւնը ձեռք պիտի չբերեն։ Քանզի ասիկա ալ Իսրայէլէն է, Արհեստաւորը շինեց զանիկա, ուրեմն Աստուած չէ. Ուստի կտոր կտոր պիտի ըլլայ Սամարիայի հորթը։ Քանզի հով ցանեցին ու մրրիկ պիտի հնձեն. Անիկա հասուն ցորեն պիտի չբերէ Ու անոր արդիւնքէն ալիւր պիտի չըլլայ։ Եթէ ըլլայ ալ՝ օտարները պիտի ուտեն զանիկա։ Իսրայէլ կլլուեցաւ։ Հիմա ազգերուն մէջ անպէտ ամանի պէս պիտի ըլլան։ Քանզի անոնք առանձնակեաց վայրենի իշու պէս Ասորեստան գացին։ Եփրեմ վարձքով սիրականներ բռնեց։ Թէեւ ազգերէն օգնականներ վարձքով բռնեն ալ, հիմա զանոնք պիտի հաւաքեմ. Թագաւորն ու իշխանները օծելէ քիչ մը պիտի դադարին՝ ՝։ Քանզի Եփրեմ շատ սեղաններ շինեց, Որոնք իրեն մեղքի համար եղան։ Իմ օրէնքիս մեծ բաները անոր գրեցի, Սակայն օտար բանի պէս սեպուեցաւ։ Անոնք զհաբերութիւնը կը սիրեն, Անոնք միս կը զոհեն ու կ’ուտեն, Բայց Տէրը անոնցմէ չի հաճոյանար։ Հիմա անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ Եւ անոնց մեղքերը պիտի պատժէ. Անոնք Եգիպտոս պիտի դառնան։ Քանզի Իսրայէլ իր Ստեղծողը մոռցաւ ու մեհեաններ շինեց։ Յուդա պարսպապատ քաղաքները շատցուց. Բայց ես անոր քաղաքներուն վրայ կրակ պիտի թափեմ, Որը անոր ամրոցները պիտի այրէ։ Ժողովուրդներուն պէս մի՛ ցնծար եւ մի՛ ուրախանար, ո՛վ Իսրայէլ, Քանզի քու Աստուծմէդ հեռանալով պոռնկութիւն ըրիր։ Ամէն ցորենի կալի վրայ պոռնկութեան վարձքը սիրեցիր։ Կալն ու հնձանը զանոնք պիտի չկերակրեն Եւ քաղցուն հոն պիտի աւրուի։ Անոնք Տէրոջը երկրին մէջ պիտի չբնակին, Հապա Եփրեմը Եգիպտոս պիտի դառնայ։ Ասորեստանի մէջ պիղծ բաներ պիտի ուտեն։ Տէրոջը գինիի նուէր պիտի չմատուցանեն Եւ անոր ընդունելի պիտի չըլլան. Անոնց զոհերը սգաւորներու հացին պէս պիտի ըլլան իրենց, Զանիկա ուտողները պիտի պղծուին. Քանզի անոնց հացը իրենց անձերուն համար է, բայց Տէրոջը տունը պիտի չմտնէ։ Ի՞նչ պիտի ընէք տօնին օրը Ու Տէրոջը տօնախմբութեան օրը։ Քանզի ահա կործանումէն փախչելով կ’երթան։ Եգիպտոս զանոնք պիտի հաւաքէ, Մեմփիս զանոնք պիտի թաղէ։ Եղիճը պիտի ժառանգէ անոնց արծաթը, Անոնց վրաններուն մէջ փուշեր պիտի բուսնին ։ Պատուհասի օրերը հասան, Հատուցման օրերը հասան, Իսրայէլ պիտի գիտնայ։ Քու անօրէնութեանդ շատութեանը Եւ քու մեծ հակառակութեանդ համար, Մարգարէն՝ անմիտ ու հոգեւոր մարդը խենդ եղաւ։ Եփրեմ՝ իմ Աստուծոյս ժողովուրդին դէտն է, Սակայն անոր բոլոր ճամբաներուն գայթակղութիւն կը լարէ Ու իր Աստուծոյն տանը հակառակութեան պատճառ կ’ըլլայ։ Գաբաայի օրերուն պէս խիստ շատ ապականեցան։ Անոնց անօրէնութիւնը պիտի յիշէ։ Անոնց մեղքը պիտի պատժէ։ Իսրայէլը անապատի մէջ եղող խաղողի պէս գտայ Եւ ձեր հայրերը թզենիին կանխահաս պտուղին պէս տեսայ, Սակայն անոնք Բելփեգովր մտան Ու իրենց անձը ամօթալից գործերու նուիրեցին Եւ իրենց սիրած բանին պէս իրենք ալ զզուելի եղան։ Եփրեմին փառքը՝ Ծնունդէն եւ արգանդէն ու յղութենէն առաջ՝ Թռչունի պէս պիտի թռչի։ Թէեւ իրենց տղաքները մեծցնեն, Զանոնք պիտի յափշտակեմ մինչեւ որ մէկը չմնայ։ Վա՜յ անոնց, երբ անոնցմէ քաշուիմ։ Եփրեմն ալ, ինչպէս տեսայ, զուարճալի տեղ մը տնկուած էր, Բայց Եփրեմ իր տղաքները ջարդուելու կը պատրաստէ։ Տո՛ւր անոնց, ո՛վ Տէր, ինչ որ պիտի տաս։ Անոնց վիժող արգանդ ու չոր ստինքներ տուր։ Անոնց բոլոր չարութիւնը Գաղգաղայի մէջ է, Քանզի հոն անոնցմէ զզուեցայ։ Անոնց չար գործերուն պատճառով Զանոնք իմ տունէս պիտի վռնտեմ, Զանոնք անգամ մըն ալ պիտի չսիրեմ։ Անոնց բոլոր իշխանները ապստամբ նետեր են։ Եփրեմ զարնուեցաւ, Անոնց արմատը չորցաւ, պտուղ պիտի չտան։ Եթէ անոնք ծնանին ալ, Անոնց արգանդին ցանկալի պտուղներն ալ պիտի մեռցնեմ։ Իմ Աստուածս զանոնք պիտի մերժէ, Քանի որ իրեն մտիկ չըրին. Ուստի ազգերու մէջ թափառական պիտի ըլլան։ Իսրայէլ լայնատարած որթատունկ մըն է, Իրեն համար պտուղ կը բերէ։ Իր պտուղին շատութեանը չափ սեղաններ շատցուց, Իր երկրին գեղեցկութեանը պէս գեղեցիկ կուռքեր շինեց։ Անոնց սիրտը փոփոխական է, հիմա յանցաւոր պիտի երեւին։ Տէրը անոնց սեղանները պիտի փլցնէ, Անոնց կուռքերը պիտի կործանէ։ Վասն զի հիմա անոնք պիտի ըսեն. «Մենք թագաւոր չունինք, Քանզի Տէրոջմէն չվախցանք։ Թագաւորը մեզի ի՞նչ կրնայ ընել»։ Ուխտ ըրած ատեննին սուտ երդում ընելով խօսեցան։ Պատուհասը արտին ակօսներուն մէջ թունաւոր խոտերու պէս պիտի բուսնի։ Սամարիայի բնակիչները Բեթաւանի հորթերուն պատճառով պիտի վախնան, Քանզի անոր վրայ անոր ժողովուրդը սուգ պիտի ընէ Ու անոր քուրմերը անոր փառքին համար պիտի դողան, Քանզի անիկա գերութեան տարուեցաւ։ Անիկա ալ Ասորեստան պիտի տարուի՝ Յարէբ թագաւորին պարգեւ ըլլալու համար։ Եփրեմ ամօթ պիտի զգայ Ու Իսրայէլ իր խորհուրդէն պիտի ամչնայ։ Սամարիայի թագաւորը՝ ՝ բնաջինջ պիտի ըլլայ Ջուրի երեսին վրայ եղող փրփուրի պէս։ Աւենի բարձր տեղերը եւ Իսրայէլի մեղքը աւերակ պիտի ըլլան։ Անոնց սեղաններուն վրայ փուշ ու տատասկ պիտի բուսնի։ Լեռներուն պիտի ըսեն՝ «Մեզ ծածկեցէ՛ք» Ու բլուրներուն՝ «Մեր վրայ ինկէ՛ք»։ Գաբաայի օրերէն ի վեր մեղք գործեցիր, ո՛վ Իսրայէլ. Հոն հաստատուեցան քուկիններդ ։ Միթէ Գաբաայի մէջ չարութեան որդիներուն դէմ եղած պատերազմը պիտի չհասնի՞։ Կամակոր ժողովուրդին դէմ պիտի ելլեմ զանոնք պատժելու համար Եւ ժողովուրդները անոնց դէմ պիտի հաւաքուին, Երբ իրենց կրկնակի անօրէնութիւններուն համար պատժուին։ Ու Եփրեմ երինջ մըն էր, որ կը սիրէր կամնել, Բայց ես անոր պարանոցին գեղեցկութեանը վրայ լուծ մը անցուցի։ Եփրեմը կառքի պիտի լծեմ, Յուդան պիտի հերկէ, Յակոբը անոր ետեւէն պիտի տափանէ։ Ձեզի արդարութիւնով ցանեցէ՛ք Ու ողորմութիւնով հնձեցէ՛ք։ Չմշակուած երկիրը հերկեցէ՛ք, Քանզի Տէրը փնտռելու ատենն է, Մինչեւ ինք գայ ու ձեր վրայ արդարութիւն տեղացնէ։ Ամբարշտութեամբ ցանեցիք ու անօրէնութիւն հնձեցիք, Ստութեան պտուղը կերաք, Քանզի դուք ձեր կուռքերուն եւ մարտիկներուն ապաւինեցաք, Ուստի ձեր ժողովուրդներուն մէջ խռովութիւն պիտի ելլէ Եւ ձեր բոլոր բերդերը պիտի կործանուին, Ինչպէս Սաղման պատերազմին օրը Բեթարբէլը կործանեց, Ուր մայրը իր տղաքներուն վրայ գետինը զարնուեցաւ։ Բեթէլ ձեզի ասոր պէս պիտի ընէ, Ձեր չափազանց չարութեանը համար։ Փոթորիկի մէջ Իսրայէլի թագաւորը բոլորովին պիտի ջնջուի։ «Երբ Իսրայէլը մանուկ էր, զանիկա կը սիրէի Ու իմ որդիս Եգիպտոսէն կանչեցի։ Որչափ զանոնք կանչեցի, այնչափ անոնք իմ երեսէս հեռացան։ Բահաղիմներուն զոհ մատուցանեցին Ու կուռքերուն խունկ ծխեցին։ Ես Եփրեմին քալել սորվեցուցի. Զանոնք իրենց թեւերէն՝ ՝ կը վերցնէի, Սակայն չգիտցան թէ ես զիրենք բժշկեցի։ Զանոնք կարեկցութեան չուաններով, սիրոյ կապերով առաջնորդեցի Ու անոնց պարանոցէն լուծը հանողներու պէս եղայ իրենց Եւ զանոնք քաղցրութեամբ կերակրեցի։ Անոնք Եգիպտոս պիտի չդառնան, Հապա Ասորեստանցին պիտի ըլլայ անոնց թագաւորը, Քանզի ինծի դառնալ մերժեցին։ Անոնց քաղաքներուն դէմ պատերազմ պիտի մղուի, Անոնց դռներուն նիգերը պիտի կոտրին Եւ զիրենք պիտի բնաջնջէ Իրենց խորհուրդներուն համար։ Իմ ժողովուրդս ինծի դէմ ապստամբելու հակամէտ է։ Թէեւ անոնք Բարձրեալին կը հրաւիրուին, Սակայն ոեւէ մէկը զանիկա չի բարձրացներ։ Քեզ ի՞նչպէս տամ, ո՛վ Եփրեմ, Քեզ ի՞նչպէս յանձնեմ, ո՛վ Իսրայէլ. Քեզ ի՞նչպէս Ադմայի պէս ընեմ։ Քեզ ի՞նչպէս Սեբոյիմի պէս դնեմ։ Իմ սիրտս ներսիդիս կը խռովի, Կարեկցութիւններս ալ միանգամայն կը բռնկին։ Իմ սաստիկ բարկութիւնս պիտի չգործադրեմ։ Եփրեմը կրկին պիտի չաւերեմ, Քանզի ես Աստուած եմ եւ ո՛չ թէ մարդ, Քու մէջդ եղող Սուրբը ես եմ Ու բարկութեամբ պիտի չգամ՝ ՝։ Տէրոջը ետեւէն պիտի երթան, Անիկա առիւծի պէս պիտի մռնչէ, Երբ անիկա մռնչէ, Արեւմուտքի կողմէն տղաքները արտորալով պիտի գան։ Անոնք Եգիպտոսէն՝ թռչունի պէս Ու Ասորեստանի երկրէն աղաւնիի պէս արտորալով պիտի գան։ Զանոնք իրենց տուներուն մէջ պիտի բնակեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Եփրեմ զիս կը պաշարէ ստութեամբ Ու Իսրայէլի տունը՝ նենգութեամբ. Բայց Յուդան տակաւին Աստուծմէ կը ճանչցուի Ու սուրբերուն մէջ հաւատարիմ է։ Եփրեմ հով կը ճարակէ ու արեւելեան հովին ետեւէն կը վազէ. Ամէն օր ստութիւնն ու յափշտակութիւնը կը շատցնէ. Դաշնակցութիւն կ’ընէ Ասորեստանի հետ Ու իւղը կը տանի Եգիպտոս։ Տէրը Յուդայի հետ ալ վէճ ունի Ու Յակոբը՝ անոր ճամբաներուն համեմատ՝ պիտի պատժէ Ու անոր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ անոր։ Անիկա արգանդին մէջ իր եղբօրը գարշապարէն բռնեց Եւ իր ուժովը Աստուծոյ հետ ըմբշամարտեցաւ։ Հրեշտակին հետ ըմբշամարտեցաւ ու յաղթեց, Լացաւ եւ անկէ շնորհք խնդրեց։ Բեթէլի մէջ Աստուծոյ հանդիպեցաւ, Աստուած հոն անոր խօսեցաւ, Այսինքն զօրքերու Տէր Աստուածը, Որուն անունը Եհովա է։ «Ուրեմն դուն քու Աստուծոյդ օգնութեամբ դարձիր, Ողորմութիւնն ու իրաւունքը պահէ Ու միշտ քու Աստուծոյդ յուսա»։ Եփրեմ վաճառական է, անոր ձեռքը նենգութեան կշիռ կայ, Անիկա հարստահարելը կը սիրէ։ Ու Եփրեմ ըսաւ. «Իրաւցընէ հարստացայ, Ինծի ստացուածք գտայ, Իմ վաստակներուս համար Անօրէնութիւն պիտի չգտնեն իմ վրաս, որ մեղք ըլլայ.։ Իսկ ես Եգիպտոսի երկրէն քու Տէր Աստուածդ եմ» Քեզ տակաւին վրաններու մէջ պիտի բնակեցնեմ՝ հանդիսաւոր տօնի օրերու պէս։ Եւ մարգարէներուն միջոցով խօսեցայ, Տեսիլքները շատցուցի, Մարգարէներուն միջոցով առակներ գործածեցի։ Արդարեւ եթէ Գաղաադ անօրէն է, անպայման պիտի ոչնչանայ. Եթէ Գաղգաղայի մէջ արջառներ զոհեցին, Անոնց սեղաններն անգամ արտի ակօսներուն քով եղող քարակոյտերու պէս պիտի ըլլան։ Եւ Յակոբ Ասորիներու երկրէն փախաւ Ու Իսրայէլ կնոջ համար ծառայութիւն ըրաւ Ու կնոջ համար հովիւ եղաւ։ Տէրը մէկ մարգարէով Եգիպտոսէն հանեց Իսրայէլը Ու անիկա մէկ մարգարէով պահպանուեցաւ։ Եփրեմ դառնութեամբ Աստուած բարկացուց. Անոր համար իր արիւնը իր վրայ պիտի քսուի Ու Տէրը անոր նախատինքը անոր պիտի հատուցանէ։ Երբ Եփրեմ դողալով կը խօսէր, Իսրայէլի մէջ ան բարձրացաւ, Բայց Բահաղով յանցաւոր եղաւ ու մեռաւ։ Հիմա նորէն մեղք կը գործեն Ու իրենց համար արծաթէ Ձուլածոյ կուռքեր ու արձաններ կը շինեն, Որոնք արհեստաւորի գործեր են։ Անոնց զոհ կը մատուցանեն ու կ’ըսեն. «Զոհ ընող մարդիկ թող հորթերը համբուրեն»։ Անոր համար անոնք՝ առաւօտեան ամպի պէս, Կանուխ իջած վաղանցիկ ցօղին պէս, Կալէն փոթորիկով վերցուած մղեղին պէս Ու ծխնելոյզէն ելած ծուխին պէս պիտի ըլլան։ Սակայն ես Եգիպտոսի երկրէն ի վեր քու Տէր Աստուածդ եմ Ու ինծմէ զատ ուրիշ աստուած մի՛ ճանչնար, Քանզի ինծմէ զատ ուրիշ Փրկիչ չկայ։ Ես քեզ անապատի մէջ՝ Խիստ անջրդի երկրի մէջ ճանչցայ։ Անոնք իրենց արօտին համեմատ կշտացան, Կշտացան ու անոնց սիրտը հպարտացաւ։ Անոր համար զիս մոռցան։ Ուստի անոնց առիւծի պէս պիտի ըլլամ, Ճամբուն քովի ինձի պէս դարանամուտ պիտի ըլլամ։ Իր ձագերը կորսնցուցած արջի պէս անոնց վրայ պիտի յարձակիմ Ու անոնց սրտին վարագոյրը պիտի պատռտեմ, Զանոնք առիւծի պէս պիտի ուտեմ։ Դաշտի գազանը պիտի պատառէ զանոնք։ Դուն քեզ կորսնցուցիր, ո՛վ Իսրայէլ, Բայց քու օգնութիւնդ միայն ինծմէ է։ Հիմա ո՞ւր է քու թագաւորդ, Որպէս զի քու բոլոր քաղաքներդ ազատէ Եւ ո՞ւր են այն իշխանները, որ քեզ պահեն, Որոնց համար ըսիր թէ «Ինծի թագաւոր ու իշխաններ տուր»։ Իմ բարկուիթւնովս քեզի թագաւոր տուի Ու իմ սրտմտութիւնովս հեռացուցի։ Եփրեմին անօրէնութիւնը կապուած է, Անոր մեղքը պահուած է։ Անոր վրայ ծննդական կնոջ ցաւերը պիտի հասնին։ Անիկա իմաստուն տղայ չէ, Ապա թէ ոչ՝ արգանդին բերանը այնչափ ատեն չէր կենար։ Զանոնք գերեզմանին ձեռքէն պիտի փրկեմ, Զանոնք մահուանէ պիտի ազատեմ։ Ըսէ՛, ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու տանջանքդ. Ըսէ՛, ո՛վ գերեզման, ո՞ւր է աւերումդ։ Իմ աչքերէս գութը պիտի ծածկուի։ Թէեւ անիկա եղբայրներուն մէջ պտղաբեր ըլլայ, Արեւելեան հովը պիտի գայ, Անապատէն Տէրոջը հովը պիտի ելլէ. Անոր աղբիւրը պիտի ցամքի, Անոր աղբերակը պիտի չորնայ. Անոր բոլոր թանկագին առարկաներուն գանձը պիտի կողոպտուի։ Սամարիա աւերակ պիտի ըլլայ, Քանզի իր Աստուծոյ դէմ ապստամբեցաւ. Անոնք սուրով պիտի իյնան, Անոնց պզտիկ տղաքը գետինը պիտի զարնուին Ու յղի կիները պիտի ճեղքուին։ Ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուծոյդ դարձիր, Քանզի քու անօրէնութեանդ պատճառով գլորեցար։ Այս խօսքերը ձեզի հետ առէք ու Տէրոջը դարձէ՛ք. Անոր ըսէ՛ք. «Ամէն անօրէնութիւն վերցո՛ւր Եւ բարութիւնը ընդունէ՛ Ու մեր շրթունքներուն պտուղները պիտի մատուցանենք։ Ասորեստանցին մեզ պիտի չփրկէ. Ձիերու վրայ պիտի չհեծնենք Ու անգամ մըն ալ մեր ձեռքերուն գործին՝ ‘Մեր Աստուածն ես’ պիտի չըսենք, Քանզի որբը քեզմէ ողորմութիւն կը գտնէ»։ Անոնց անհաւատութիւնը պիտի բժշկեմ, Զանոնք յօժարութեամբ պիտի սիրեմ։ Քանզի իմ բարկութիւնս անոնցմէ վերցուեցաւ։ Իսրայէլին ցօղի պէս պիտի ըլլամ, Անիկա շուշանի պէս պիտի ծաղկի Եւ իր արմատները Լիբանանի եղեւիններուն պէս պիտի արձակէ։ Անոր ճիւղերը պիտի տարածուին, Անոր վայելչութիւնը ձիթենիի պէս պիտի ըլլայ, Անոր անուշահոտութիւնը Լիբանանի պէս պիտի ըլլայ։ Անոնք իմ հովանիիս տակ պիտի բնակին, Պարտէզի պէս պիտի կենդանանան Ու որթատունկի պէս պիտի բողբոջին։ Անոր յիշատակը Լիբանանի գինիին պէս պիտի ըլլայ։ Եփրեմ պիտի ըսէ. «Կուռքերու հետ ի՞նչ գործ ունիմ»։ Ես անոր խնդրանքը լսեցի ու անոր խնամք տարի. Ես կանանչ մայրի ծառի պէս եմ, Քու պտուղը ինծմէ է։ Ո՞վ է իմաստուն, որ ասոնք հասկնայ, Կամ խոհեմ, որ ասոնք գիտնայ։ Քանզի Տէրոջը ճամբաները շիտակ են, Արդարները անոնց մէջ պիտի քալեն. Բայց յանցաւորները անոնց մէջ պիտի գլորին։ Տէրոջը խօսքը Փաթուէլի որդիին Յովէլին։ «Լսեցէ՛ք ասիկա, ո՛վ ծերեր Ու ակա՛նջ տուէք, ո՛վ երկրի բոլոր բնակիչներ, Միթէ այսպիսի բան եղա՞ծ է ձեր օրերուն մէջ, Կամ ձեր հայրերուն օրերուն մէջ։ Ասիկա ձեր որդիներուն պատմեցէ՛ք Ու ձեր որդիները իրենց որդիներուն Ու անոնց որդիները յետագայ ազգին թող պատմեն ։ Ինչ որ խառնիճը թողուց՝ մարախը կերաւ, Ինչ որ մարախը թողուց՝ ջորեակը կերաւ, Ինչ որ ջորեակը թողուց՝ գրուիճը կերաւ»։ «Արթնցէ՛ք, ո՛վ գինովներ ու լացէ՛ք Եւ դուք ամէնքդ, ո՛վ գինի խմողներ. Սուգ բռնեցէ՛ք քաղցուին համար, Քանզի ձեր բերնէն կտրուեցաւ։ Վասն զի իմ երկրիս վրայ Զօրաւոր անթիւ ազգ մը ելաւ։ Անոր ակռաները առիւծի ակռաներ են Ու անիկա մատակ առիւծի ժանիքներ ունի։ Անիկա իմ որթատունկս աւերեց Եւ իմ թզենիս կոտրտեց։ Զանոնք բոլորովին կեղուեց ու վար ձգեց, Անոնց ճիւղերը ճերմկցուեցան։ Ողբ ըրէ՛ կոյսի մը պէս՝ Որ իր երիտասարդութեան էրկանը համար քուրձ հագած կ’ողբայ ։ Հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը Տէրոջը տունէն կտրուեցան։ Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները սուգ կը բռնեն։ Արտերը ամայացան, երկիրը սուգ կը բռնէ, Քանզի ցորենը աւերուեցաւ, Նոր գինին չորցաւ, իւղը պակսեցաւ։ Ամչցէ՛ք, ո՛վ երկրագործներ, Ողբացէ՛ք, ո՛վ այգեգործներ, Թէ՛ ցորենին համար եւ թէ՛ գարիին համար, Քանզի արտերուն բերքը փճացաւ։ Որթատունկը չորցաւ ու թզենին թօշնեցաւ, Նռնենին, արմաւենին, խնձորենին եւ Արտին բոլոր ծառերը չորցան. Այսպէս մարդոց որդիներէն ուրախութիւնը վերցուեցաւ։ Քուրձ հագէ՛ք ու ողբացէ՛ք, ո՛վ քահանաներ. Հառաչեցէ՛ք, ո՛վ խորանին պաշտօնեաներ. Եկէ՛ք, ո՛վ իմ Աստուծոյս ծառաները, Գիշերը քուրձերու մէջ անցուցէ՛ք, Քանզի հացի ընծան ու ըմպելի նուէրը Ձեր Աստուծոյն տունէն վերցուեցան։ Ծոմապահութեան օր որոշեցէք, Հանդիսաւոր ժողով գումարեցէ՛ք. Ծերերն ու երկրին բնակիչները Ձեր Տէր Աստուծոյն տունը հաւաքեցէք Ու Տէրոջը աղաղակեցէ՛ք։ Աւա՜ղ այն օրուան համար։ Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, Ու Ամենակարողէն եկած աւերումին պէս պիտի գայ։ Ահա մեր աչքին առջեւէն կերակուրը, Մեր Աստուծոյն տունէն ուրախութիւնն ու ցնծութիւնը դադրեցան։ Հողին չոր կոշտերուն տակ սերմերը փտտեցան, Շտեմարանները պարապ մնացին, ամբարները քանդուեցան, Քանզի ցորենը խորշակահար եղաւ։ Ի՜նչպէս կը հեծեծեն անասունները. Արջառներուն նախիրները աստանդական կը պտըտին, Քանզի անոնց համար արօտ չկայ։ Ոչխարներուն հօտերն ալ կորսուեցան։ Քեզի՛ պիտի աղաղակեմ, ո՛վ Տէր, Քանզի կրակը կերաւ արօտները Ու բոցը այրեց դաշտին բոլոր մասերը։ Դաշտին անասուններն անգամ քեզի կը նային, Քանզի ջուրերուն վտակները ցամքեր են Ու կրակը կերեր է արօտները։ Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք, Ահազանգ թող լսուի սուրբ լերանս վրայ։ Երկրին բոլոր բնակիչները թող դողան, Քանզի Տէրոջը օրը կու գայ, Խաւարի ու մէգի օրը, Ամպի ու մառախուղի օրը։ Ինչպէս արշալոյսը լեռներուն վրայ կը տարածուի, Այնպէս շատուոր ու զօրաւոր ժողովուրդ մը պիտի գայ, Որուն նմանը երբեք չէ եկած Ու ասկէ ետքը ապագային ալ Պիտի չգայ՝ դարէ դար։ Անոր առջեւէն կրակը պիտի սպառէ Ու ետեւէն բոցը պիտի այրէ. Երկիրը անոր առջեւ Եդեմի դրախտին պէս էր, Բայց անոր ետեւը ամայի անապատ պիտի ըլլայ։ Անկէ բան մըն ալ պիտի չազատի։ Անոնց կերպարանքը ձիերու կերպարանքին պէս է, Անոնք ձիաւորներու պէս պիտի արշաւեն։ Լեռներու գլուխներուն վրայ կառքերու ձայնի պէս, Յարդը ուտող կրակի բոցի ձայնին պէս, Պատերազմի շարուած զօրաւոր ժողովուրդի պէս պիտի ցատկեն։ Անոնց առջեւ ժողովուրդները պիտի տագնապին, Բոլոր երեսները գոյներնին պիտի նետեն։ Անոնք զօրաւորներու պէս պիտի վազեն, Պատերազմիկներու պէս պարիսպներու վրայ պիտի ելլեն, Իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ, Իրենց շաւիղներէն պիտի չխոտորին։ Մէկզմէկ պիտի չհրեն, Իւրաքանչիւրը իր ճամբան պիտի քալէ։ Եթէ սուրի վրայ ալ իյնան՝ պիտի չվիրաւորուին։ Քաղաքին մէջ պիտի պտըտին Ու պարսպին վրայ պիտի վազեն։ Տուներուն վրայ պիտի ելլեն, Գողի պէս պատուհաններէն պիտի մտնեն։ Անոնց առջեւ երկիրը պիտի դողայ, Երկինք պիտի սարսի, Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին, Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։ Տէրը իր զօրքերուն առջեւ իր ձայնը պիտի բարձրացնէ, Քանզի անոր բանակը խիստ մեծ է, Քանզի անոր հրամանը գործադրողը զօրաւոր է. Քանզի Տէրոջը օրը խիստ մեծ ու խիստ ահեղ է, Ո՞վ կրնայ անոր դիմանալ։ Սակայն հիմա Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինծի դարձէ՛ք ձեր բոլոր սրտովը՝ Ծոմապահութեամբ, լալով ու սգալով։ Ձեր սրտերը պատռեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները»։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. Քանզի անիկա ողորմած ու գթած, Երկայնամիտ ու բազումողորմ է Ու չարիքի համար կը զղջայ։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս անիկա դառնայ ու զղջայ Ու իր ետեւէն օրհնութիւն թողու, Որպէս զի կարող ըլլաք ձեր Տէր Աստուծոյն Հացի ընայ ու ըմպելի նուէր մատուցանել ։ Սիօնի մէջ փող հնչեցուցէ՛ք, Ծոմապահութեան օր որոշեցէ՛ք, Հանդիսաւոր ժողով գումարեցէ՛ք. Ժողովուրդը հաւաքեցէ՛ք, ժողովը սրբեցէ՛ք, ծերերը հաւաքեցէ՛ք. Տղաքներն ու կաթնկեր մանուկները հաւաքեցէ՛ք. Փեսան իր սենեակէն թող ելլէ Ու հարսը՝ իր առագաստէն։ Տէրոջը պաշտօնը կատարող քահանաները Սրահին ու սեղանին մէջտեղ թող լան Ու ըսեն. «Ո՛վ Տէր, քու ժողովուրդիդ խնայէ՛ Եւ քու ժառանգութիւնդ մի՛ նախատեր, Որ ազգերը անոնց վրայ տիրեն։ Ինչո՞ւ համար ժողովուրդներուն մէջ ըսեն թէ ‘Ո՞ւր է անոնց Աստուածը’»։ Այն ատեն Տէրը իր երկրին համար նախանձախնդիր պիտի ըլլայ Ու իր ժողովուրդին պիտի ողորմի։ Եւ Տէրը պատասխան պիտի տայ ու իր ժողովուրդին ըսէ. «Ահա ես ձեզի ցորեն, գինի ու իւղ պիտի պարգեւեմ, Որ անոնցմով կշտանաք։ Ձեզ անգամ մըն ալ ազգերուն մէջ նախատինքի առարկայ պիտի չընեմ։ Հիւսիսային զօրքը ձեր վրայէն պիտի հեռացնեմ. Անոր երեսը՝ դէպի արեւելեան ծովը, Կռնակը դէպի արեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։ Զանիկա չոր ու ամայի երկիր մը պիտի քշեմ. Անոր գէշ հոտը պիտի ելլէ, Անոր գարշահոտութիւնը պիտի աւելնայ, Քանզի մեծ բաներ ըրաւ։ Մի՛ վախնար, ո՛վ երկիր, ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, Քանզի Տէրը մեծ բաներ պիտի ընէ։ Ո՛վ դաշտի անասուններ, մի՛ վախնաք, Քանզի անապատին արօտները պիտի կանանչանան, Քանզի ծառը իր պտուղը պիտի տայ, Թզենին ու որթատունկը իրենց արդիւնքը պիտի տան։ Եւ դո՛ւք, ո՛վ Սիօնի որդիներ, Ձեր Տէր Աստուծմով ցնծացէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք, Քանզի անիկա պէտք եղած չափով առաջին անձրեւը ձեզի պիտի տայ, Ձեզի անձրեւ պիտի տեղացնէ, առաջին անձրեւն ու վերջին անձրեւը առաջուան պէս։ Կալերը ցորենով պիտի լեցուին, Հնձանները գինիով ու իւղով պիտի յորդին։ Կրկին ձեզի պիտի տամ այն տարիներուն պտուղները, Որոնք մարախը, ջորեակը, գրուիճն ու խառնիճը, Ձեր մէջ ղրկած իմ մեծ բանակս, կերան։ Առատօրէն պիտի ուտէք ու կշտանաք Ու ձեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի օրհնէք, Որ ձեզի համար հրաշքներ ըրաւ։ Իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ։ Պիտի գիտնաք թէ ես Իսրայէլի մէջ եմ, Թէ ձեր Տէր Աստուածը ես եմ եւ ուրիշ մը չկայ։ Իմ ժողովուրդս յաւիտեան պիտի չամչնայ։ «Ասկէ յետոյ Իմ Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ Ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան, Ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն։ Ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն։ Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ Այն օրերը իմ Հոգիս պիտի թափեմ։ Երկնքի մէջ ու երկրի վրայ նշաններ պիտի դնեմ, Արիւն, կրակ եւ ծուխի սիւներ։ Արեւը խաւարի պիտի դառնայ ու լուսինը՝ արիւնի, Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։ Ամէն ով որ Տէրոջը անունը կանչէ, պիտի ազատի. Քանզի Տէրոջը ըսածին պէս՝ Սիօն լերանը վրայ ու Երուսաղէմի մէջ փրկութիւն պիտի ըլլայ, Այն մնացորդներուն մէջ ալ՝ որոնք Տէրը պիտի կանչէ»։ «Ահա այն օրերը ու այն ժամանակը, Երբ ես Յուդան ու Երուսաղէմը գերութենէ պիտի դարձնեմ, Այն ատեն բոլոր ազգերը պիտի հաւաքեմ Ու զանոնք Յովսափատի հովիտը պիտի իջեցնեմ։ Հոն անոնց հետ դատ պիտի վարեմ Իմ ժողովուրդիս ու իմ ժառանգորդիս՝ Իսրայէլին համար, Որ ազգերու մէջ ցրուեցին, Իմ երկիրս բաժնեցին, Իմ ժողովուրդիս համար վիճակ ձգեցին, Տղան պոռնիկի վարձքի տեղ տուին, Աղջիկը գինիի համար ծախեցին, որպէս զի խմեն։ «Դուք ինծի հետ ի՞նչ բան ունիք, Ո՛վ Տիւրոս ու Սիդոն եւ Փղշտացիներու բոլոր սահմաններ։ Միթէ դուք ինծի հատուցո՞ւմ պիտի ընէք։ Եթէ դուք ինծի հատուցում ընէք, Շուտով ձեր հատուցումը պիտի դարձնեմ ձեր գլխուն։ Քանզի իմ արծաթս ու իմ ոսկիս առիք, Իմ աղէկ ու ցանկալի բաներս ձեր մեհեանները տարիք, Յուդայի որդիները ու Երուսաղէմի որդիները Յոյներու որդիներուն ծախեցիք, Որպէս զի զանոնք իրենց սահմանէն հեռացնէք։ Ահա ես զանոնք պիտի վերադարձնեմ այն տեղէն՝ ուր դուք զանոնք ծախեցիք, Ձեր ըրածը պիտի փոխադարձնեմ։ Ձեր տղաքներն ու աղջիկները Յուդայի որդիներուն պիտի ծախեմ Եւ անոնք ալ հեռաբնակ ազգի մը, Սաբայեցիներուն, պիտի ծախեն զանոնք», Քանզի Տէրը խօսեցաւ։ Ասիկա ազգերու մէջ հրատարակեցէ՛ք, Պատերազմ յայտարարեցէ՛ք, Զօրաւորները արթնցուցէ՛ք, Բոլոր պատերազմիկները թող մօտենան ու ելլեն։ Ձեր խոփերը սուրեր շինեցէ՛ք Ու ձեր յօտոցները՝ նիզակներ։ Տկար եղողը՝ ‘Ես զօրաւոր եմ’, թող ըսէ։ Շուտով եկէ՛ք, ո՛վ բոլոր շրջակայ ազգեր ու հաւաքուեցէ՛ք։ Քու մարտիկներդ, ո՛վ Տէր, հոն իջեցուր։ Ազգերը թող աճապարեն ու Յովսափատի հովիտը գան, Քանզի բոլոր շրջակայ ազգերը դատելու համար հոն պիտի նստիմ։ Մանգաղը երկնցուցէ՛ք, քանզի հունձքը հասած է։ Եկէ՛ք, իջէ՛ք, քանզի հնձանը լեցուեցաւ, Աւազանները կը յորդին. Քանզի անոնց չարութիւնը մեծ է։ Բազմութիւններ, բազմութիւններ կը հաւաքուին Վճիռի հովիտին մէջ։ Տէրոջը օրը մօտ է Վճիռի հովիտին մէջ։ Արեւն ու լուսինը պիտի խաւարին, Աստղերը իրենց պայծառութիւնը պիտի կորսնցնեն։ Տէրը Սիօնէն պիտի գոչէ Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի բարձրացնէ, Երկինք ու երկիր պիտի սարսին, Բայց Տէրը իր ժողովուրդին՝ ապաւէն Ու Իսրայէլի որդիներուն ամրութիւն պիտի ըլլայ Եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, Որ իմ սուրբ լերանս վրայ՝ Սիօնի մէջ՝ կը բնակիմ։ Երուսաղէմ սուրբ պիտի ըլլայ, Անգամ մըն ալ օտարներ պիտի չանցնին անկէ։ Այն օրերը լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն, Բլուրները կաթ պիտի վազցնեն, Յուդայի բոլոր ձորերը ջուրեր պիտի հոսեցնեն. Տէրոջը տունէն աղբիւր պիտի բղխի Եւ Սատիմի ձորը պիտի ոռոգէ։ Յուդայի որդիներուն եղած անիրաւութեանը համար Եգիպտոս պիտի ամայանայ, Եդովմ ամայի անապատ պիտի ըլլայ, Քանզի անոնց երկրին մէջ անմեղ արիւն թափուեցաւ։ Բայց Յուդա յաւիտեան մարդաբնակ պիտի ըլլայ Եւ Երուսաղէմ՝ դարէ դար։ Անոնց արեան վրէժը պիտի առնեմ եւ չարութիւնը պիտի չմաքրեմ Եւ Տէրը Սիօնի մէջ պիտի բնակի»։ Թեկուէի հովիւներէն Ամովսին խօսքերը, որոնք Յուդայի թագաւորին Ոզիային օրերը ու Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը՝ երկրաշարժէն երկու տարի առաջ՝ տեսիլքով անոր յայտնուեցան Իսրայէլի վրայով։ Ու ըսաւ. «Տէրը Սիօնէն պիտի աղաղակէ Ու Երուսաղէմէն իր ձայնը պիտի տայ։ Հովիւներուն արօտները սուգ պիտի բռնեն եւ Կարմեղոսին գլուխը պիտի չորնայ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դամասկոսի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի անոնք Գաղաադը երկաթէ կամնասայլերով ծեծեցին։ Ազայէլի տանը վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Բենադադի պալատները պիտի ուտէ։ Դամասկոսի նիգերը պիտի կոտրտեմ Ու Աւենի դաշտէն՝ բնակիչը։ Եդեմի տունէն գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ Եւ Ասորիներու ժողովուրդը դէպի Կիր գերի պիտի քշուի»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Գազայի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի բոլոր ժողովուրդը աքսորեցին, Որպէս զի Եդովմին ձեռքը մատնեն։ Գազայի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։ Ազովտոսէն՝ բնակիչը, Ասկաղոնէն՝ գաւազան բռնողը պիտի կոտորեմ, Իմ ձեռքս Ակկարոնի վրայ պիտի դարձնեմ Ու Փղշտացիներու մնացորդը պիտի կորսուի»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Տիւրոսի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի գերիները բոլորովին Եդովմին ձեռքը մատնեցին, Եղբայրական ուխտը չյիշեցին։ Տիւրոսի պարսպին վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը անոր պալատները պիտի ուտէ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եդովմի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի իր եղբայրը սուրով հալածեց, Իր ողորմութիւնը դադրեցուց, Իր բարկութիւնը միշտ բորբոքեցուց Ու իր կատաղութիւնը յաւիտեան պահեց։ Թեմանի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Բօսրայի պալատները պիտի ուտէ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ամմոնի որդիներուն երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոնց պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի Գաղաադի յղի կիները ճեղքեցին, Որպէս զի իրենց սահմանները լայնցնեն։ Ռաբբայի պարսպին վրայ կրակ պիտի բռնկեցնեմ, Որը անոր պալատները պիտի ուտէ։ Ասիկա պատերազմի օրը՝ աղաղակով, Փոթորիկի օրը խռովութեամբ պիտի ըլլայ ։ Եւ անոնց թագաւորը՝ ՝ գերութեան պիտի երթայ, Ինք ու իր իշխանները մէկտեղ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Մովաբի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ. Քանզի Եդովմի թագաւորին ոսկորները՝ մինչեւ կիր դառնալը՝ այրեց։ Մովաբի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Կարիօթի պալատները պիտի ուտէ։ Մովաբ խռովութեամբ, աղաղակով ու փողի ձայնով պիտի մեռնի։ Անոր մէջէն դատաւորը բնաջինջ պիտի ընեմ Ու անոր հետ անոր բոլոր իշխանները պիտի մեռցնեմ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Յուդայի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի Տէրոջը օրէնքը անարգեցին Ու անոր պատուիրանները չպահեցին, Հապա իրենց ստութիւններով մոլորեցան, Որոնց հետեւեր էին իրենց հայրերը։ Յուդայի վրայ կրակ պիտի ղրկեմ, Որը Երուսաղէմի պալատները պիտի ուտէ»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի երեք օրինազանցութիւններուն համար Ու չորսին համար անոր պատիժը պիտի չջնջեմ, Քանզի անոնք արդարը՝ ստակով Ու տնանկը զոյգ մը կօշիկով ծախեցին։ Անոնք աղքատներուն գլխուն վրայ եղող երկրի հողին կը ցանկան՝ ՝, Չքաւորներուն ճամբան կը ծռեն Եւ իմ սուրբ անունս պղծելու համար Տղան ու հայրը միեւնոյն աղջկան կը մտնեն Ու ամէն սեղանի քով Գրաւ առնուած հանդերձներու վրայ կը պառկին Եւ իրենց աստուածներուն տանը մէջ Զրկուածներուն գինին կը խմեն։ «Ես անոնց առջեւէն Ամօրհացին բնաջինջ ըրի, Որուն բարձրութիւնը եղեւիններու բարձրութեանը պէս էր, Անիկա կաղնիներու պէս ամուր էր։ Վերէն անոր պտուղը Եւ վարէն անոր արմատները բնաջինջ ըրի։ Ես ձեզ Եգիպտոսէն հանեցի, Ձեզ քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուցի, Որպէս զի Ամօրհացիին երկիրը ժառանգէք։ Ձեր տղաքներէն՝ մարգարէներ Եւ ձեր երիտասարդներէն ուխտաւորներ հանեցի։ Հիմա այսպէս չէ՞, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ», կ’ըսէ Տէրը։ «Դուք ուխտաւորներուն գինի խմցուցիք Ու մարգարէներուն պատուիրեցիք՝ ըսելով. ‘Մարգարէութիւն մի՛ ընէք’։ Ահա ես ձեր եղած տեղը ձեզ պիտի ճզմեմ Ինչպէս որաներով լեցուն սայլը իր անցած տեղը կը ճզմէ։ Եւ արագընթացը պիտի չկրնայ փախչիլ, Ուժով մարդը պիտի չկրնայ իր ոյժը գործածել, Զօրաւորը պիտի չկրնայ իր անձը ազատել, Աղեղ բռնողը պիտի չկրնայ կայնիլ, Շուտ վազողը պիտի չկրնայ զինք ազատել Ու ձի հեծնողն ալ պիտի չկրնայ իր անձը ազատել Եւ զօրաւորներուն մէջ քաջասիրտ եղողը Այն օրը մերկ պիտի փախչի», կ’ըսէ Տէրը։ Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, Որ Տէրը ձեզի դէմ կը խօսի, Այն բոլոր ազգատոհմին դէմ, Որ Եգիպտոսէն հանեց. «Երկրի բոլոր ազգատոհմերէն միայն քեզ ճանչցայ, Այս պատճառով ձեր բոլոր անօրէնութիւններուն համար ձեզ պիտի պատժեմ»։ «Կարելի՞ է, որ երկու մարդ մէկտեղ քալեն, Եթէ միաբանութիւն չունենան։ Միթէ առիւծը անտառին մէջ կը մռնչէ՞, Եթէ որս մը չունենայ։ Կորիւնը իր որջէն ձայն կու տա՞յ, Եթէ բան մը առած չըլլայ։ Միթէ թռչունը երկրի վրայ վարմի մէջ կ’իյնա՞յ, Եթէ անոր համար որոգայթ լարուած չըլլայ. Վարմը երկրէն կը վերցուի՞, Երբ բան մը բռնած չըլլայ։ Եթէ քաղաքին մէջ փող հնչուի, Ժողովուրդը չի՞ վախնար։ Միթէ քաղաքին մէջ չարիք մը կ’ըլլա՞յ, Եթէ Տէրը ըրած չըլլայ։ Յիրաւի Տէր Եհովան բան մը չըներ, Մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ։ Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ։ Տէր Եհովան խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ»։ Ազովտոսի մէջ՝ պալատներու վրայ Ու Եգիպտոսի մէջ պալատներու վրայ կանչեցէ՛ք ու ըսէ՛ք. «Սամարիայի լեռներուն վրայ հաւաքուեցէ՛ք Եւ անոր խռովութիւնները Ու բռնութիւնները տեսէ՛ք»։ «Քանզի ուղղութիւն ընել չեն գիտեր, կ’ըսէ Տէրը, Այլ իրենց պալատներուն մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը դիզեն»։ Ուստի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Թշնամին երկրին բոլորտիքը պիտի ըլլայ Ու ամրութիւնդ պիտի խորտակուի Եւ քու պալատներդ պիտի կողոպտուին»։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինչպէս հովիւը առիւծին բերնէն Երկու ազդրը կամ մէկ ականջի կտոր կ’ազատէ, Այնպէս պիտի ազատին Իսրայէլի որդիները, Որոնք Սամարիայի մէջ՝ բազմոցի մը անկիւնը Ու Դամասկոսի մէջ՝ ՝ անկողնի վրայ կը նստին»։ «Լսեցէ՜ք ու Յակոբի տանը վկայութիւն ըրէ՛ք», Կ’ըսէ զօրքերու Աստուածը՝ Տէր Եհովան. «Այն օրը, երբ Իսրայէլի յանցանքներուն պատիժը անոր վրայ բերեմ, Բեթէլի սեղաններն ալ պիտի պատժեմ։ Սեղանին եղջիւրները պիտի կոտրտին ու գետինը իյնան։ Ձմեռնային տունն ու ամառնային տունը պիտի կործանեմ, Փղոսկրեայ տուները պիտի կորսուին, Մեծ տուները բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։ «Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Սամարիայի լերանը վրայ եղող Բասանի կովեր, Որ աղքատներուն զրկանք կ’ընէք, Տնանկները ոտքի տակ կ’առնէք, Ձեր տէրերուն՝ ‘Բեր որ խմենք’, կ’ըսէք։ Տէր Եհովան իր սրբութիւնովը երդում ըրաւ, Թէ՝ ահա ձեր վրայ օրեր պիտի գան, Երբ ձեզ կարթերով պիտի վերցնեն Ու ձեր սերունդը՝ ձուկի կարթերով։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը խրամատներէն դուրս պիտի հանուիք Ու բերդը պիտի նետուիք», կ’ըսէ Տէրը։ «Բեթէլ եկէ՛ք ու յանցանք գործեցէ՛ք, Գաղգաղայի մէջ յանցանք ընելը շատցուցէ՛ք, Ամէն առտու ձեր զոհերը Ու ամէն երեք օրը անգամ մը ձեր տասանորդները բերէ՛ք։ Շնորհակալութեան զոհը խմորեալ մատուցանեցէ՛ք Ու կամաւոր ընծաներ յայտարարեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք, Քանզի այսպէս սիրեցիք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ», Կ’ըսէ Տէր Եհովան։ «Ես ալ ձեզի ձեր քաղաքներուն մէջ՝ ակռայի մաքրութիւն Ու ձեր բոլոր տեղերը հացի կարօտութիւն տուի, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։ «Հունձքէն երեք ամիս առաջ անձրեւը դադրեցուցի, Ո՛չ մէկ քաղաքի վրայ անձրեւ տեղացուցի. Բայց միւս քաղաքին վրայ անձրեւ տեղացուցի։ Վիճակի մը վրայ անձրեւ եկաւ, Բայց միւս վիճակը, որուն վրայ անձրեւ չեկաւ, չորցաւ։ Երկու երեք քաղաք՝ ջուր խմելու համար՝ Մէկ քաղաքի մէջ հաւաքուեցան, Բայց չգոհացան։ Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։ «Ձեզ խորշակահարութեամբ ու դալուկով զարկի, Խառնիճը կերաւ ձեր բազմաթիւ պարտէզները Ու այգիները եւ թզենիներն ու ձիթենիները, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։ «Եգիպտոսի ճամբուն մէջ՝ ՝ ձեր վրայ ժանտախտ ղրկեցի, Ձեր երիտասարդները սուրով մեռցուցի, Թողուցի որ ձեր ձիերը գերի տարուին, Ձեր բանակներուն գարշահոտութիւնը մինչեւ ձեր քիթը հասցուցի, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։ «Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին պէս ձեզ ալ կործանեցի, Կրակէ հանուած խանձուողի պէս եղաք, Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։ Անոր համար քեզի այսպէս պիտի ընեմ, ո՛վ Իսրայէլ, Քանի որ քեզի այս բանը պիտի ընեմ, Ուստի քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ, ո՛վ Իսրայէլ»։ Ահա Ան, որ լեռները հաստատեց ու հովը ստեղծեց, Որ յայտնէ մարդուն՝ անոր խորհուրդը։ Ան որ արշալոյսը կը խաւարեցնէ Ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ կը քալէ, Անոր անունը Եհովա՝ զօրքերու Աստուած է։ Լսեցէ՛ք այս խօսքը, որ ձեր վրայ իբր ողբ ըսի, Ո՛վ Իսրայէլի տուն։ «Իսրայէլի կոյսը ինկած է, անգամ մըն ալ պիտի չելլէ։ Իր երկրին վրայ ձգուած է, զանիկա վերցնող չկայ»։ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Այն քաղաքին մէջ, ուրկէ հազար կ’ելլէր, Հարիւր պիտի մնայ. Ուրկէ հարիւր կ’ելլէր, Տասը պիտի մնայ Իսրայէլի տանը»։ Տէրը Իսրայէլի տանը այսպէս կ’ըսէ. «Զիս փնտռեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք։ Բայց Բեթէլը մի՛ փնտռէք, Գաղգաղա մի՛ մտնէք, Բերսաբէէն մի՛ անցնիք, Քանզի Գաղգաղա անշուշտ գերութեան պիտի քշուի Ու Բեթէլ պիտի ոչնչանայ»։ Տէրը փնտռեցէք, որպէս զի ապրիք։ Չըլլայ թէ Յովսէփի տանը մէջ կրակի պէս բորբոքի Եւ զանիկա ուտէ ու Բեթէլի մէջ զանիկա մարող չըլլայ։ Դուք որ իրաւունքը օշինդրի կը դարձնէք, Արդարութիւնը գետինը կը ձգէք, Փնտռեցէ՛ք զանիկա, որ Բազմաստեղն ու Հայկը շինեց, Որ մահուան ստուերը առաւօտեան լոյսի կը դարձնէ, Ցորեկը գիշերուան պէս կը մթնցնէ, Որ ծովուն ջուրերը կը կանչէ, Զանոնք երկրի երեսին վրայ կը տարածէ։ Անոր անունը Եհովա է, Որ զօրաւորին վրայ յանկարծ կորուստ կը բերէ Ու կորուստը մինչեւ ամրոցը կը հասցնէ։ Դրանը մէջ յանդիմանողը կ’ատեն, Շիտակ խօսողէն կը զզուին։ Քանի որ աղքատին վրայ կը կոխէք Ու անկէ ցորենի պարգեւներ կ’առնէք, Թէեւ տաշուած քարէ տուներ ալ շինէք, Անոնց մէջ պիտի չբնակիք։ Թէեւ ցանկալի այգիներ ալ տնկէք, Անոնց գինին պիտի չխմէք։ Քանզի գիտեմ թէ որքան շատ են ձեր անօրէնութիւնները Եւ որքան մեծ են ձեր մեղքերը։ Արդարը կը նեղէք, կաշառք կ’առնէք Ու դրանը մէջ տնանկներուն դատը կը ծռէք։ Անոր համար ան որ խելացի է, այն ատեն պիտի լռէ, Քանզի ժամանակը չար է։ Բարութիւն փնտռեցէ՛ք, ո՛չ թէ՝ չարութիւն, որպէս զի ապրիք։ Այսպէս զօրքերու Տէր Աստոածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսիք։ Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք Եւ դրանը մէջ իրաւունքը հաստատեցէ՛ք։ Թերեւս զօրքերու Տէր Աստուածը Յովսէփին մնացորդին ողորմի։ Անոր համար զօրքերու Աստուածը՝ տէր Եհովան՝ այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն հրապարակի մէջ ողբ պիտի ըլլայ Ու ամէն փողոցի մէջ ‘Վա՜յ, վա՜յ’, պիտի ըսեն։ Երկրագործը՝ սուգի ու ողբ գիտցողները ողբալու պիտի կանչեն։ Եւ ամէն այգիի մէջ ողբ պիտի ըլլայ, Քանզի քու մէջէդ պիտի անցնիմ», կ’ըսէ Տէրը։ Վա՜յ ձեզի, որ Տէրոջը օրուանը կը ցանկաք։ Ձեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ Տէրոջը օրը։ Անիկա խաւար է եւ ո՛չ թէ լոյս։ Այնպէս պիտի ըլլաք։ Որպէս թէ մարդ մը առիւծին երեսէն փախչի Ու արջ մը անոր հանդիպի, Կամ տունը մտնէ ու ձեռքը պատին կռթնցնէ Ու օձը զայն խայթէ։ Ահա Տէրոջը օրը խաւար է եւ ո՛չ թէ՝ լոյս։ Անոր մէջ մառախուղ կայ եւ ո՛չ թէ պայծառութիւն։ Ձեր տօները կ’ատեմ ու կը մերժեմ, Ձեր հանդիսաւոր ժողովներէն հաճոյք պիտի չառնեմ։ Եթէ ինծի ողջակէզներ ու ձեր հացի ընծաները մատուցանէք ալ՝ Պիտի չընդունիմ Եւ ձեր գէր անասուններուն՝ խաղաղութեան զոհերուն՝ պիտի չնայիմ։ Քու երգերուդ ձայնը ինծմէ հեռացուր, Քանզի քու տաւիղներուդ եղանակը պիտի չլսեմ։ Բայց իրաւունքը ջուրի պէս թող վազէ Ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր գետի պէս։ Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի Ինծի զոհեր ու ընծանե՞ր մատուցանեցիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ Դուք՝ ձեր Մողոքի խորանները Ձեր Քիունի կուռքերը Եւ ձեզի համար շինուած աստուածներուն աստղը կրեցիք։ Ուստի ձեզ Դամասկոսէն անդին գերի պիտի քշեմ», Կ’ըսէ Տէրը, որուն անունը զօրքերու Աստուած է։ «Վա՜յ Սիօնի մէջ հանգիստ բնակողներուն Ու Սամարիայի լերանը վրայ՝ ապահովութեամբ նստողներուն, Ազգերու գլուխին երեւելիներուն, Որոնց կը դիմէ Իսրայէլի տունը։ Քաղանէն անցէ՛ք ու տեսէ՛ք, Անկէ մեծ Եմաթը գացէ՛ք Ու Փղշտացիներուն Գէթը իջէք։ Միթէ անոնք այս թագաւորութիւններէն աղէ՞կ են, Կամ անոնց սահմանը ձեր սահմանէն մե՞ծ է։ « Վա՜յ անոնց, որ չար օրը կը հեռացնեն Ու բռնութեան աթոռը կը մօտեցնեն, Փղոսկրեայ մահիճներու մէջ կը պառկին, Իրենց անկողիններուն վրայ կ’երկննան, Հօտերէն՝ գառնուկները Ու գոմերու մէջէն պարարտ հորթերը կ’ուտեն։ Տաւիղի ձայնով խաղ կը կանչեն, Դաւիթին պէս իրենց երաժշտական գործիքներ կը հնարեն, Գաւաթներով գինի կը խմեն, Ծանրագին իւղերով կ’օծուին Եւ Յովսէփին աւերումին վրայ չեն ցաւիր։ Ուստի գերի քշուողներուն առաջինը պիտի ըլլաք Եւ ձեր խնճոյքներուն ուրախութեան ձայնը պիտի դադրի»։ Տէր Եհովան իր անձին վրայ երդում ըրաւ (Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Աստուածը)։ «Ես Յակոբին հպարտութենէն կը զզուիմ, Անոր պալատները կ’ատեմ, Քաղաքն ու բոլոր անոր մէջ եղողները թշնամիին պիտի մատնեմ»։ Եթէ տան մէջ տասը մարդ մնալու ըլլայ, Անոնք ալ պիտի մեռնին։ Եւ երբ մէկուն ազգականը, որ զինք կ’ատէ, զինք վերցնէ Ոսկորները տունէն դուրս հանելու համար Ու տանը մէջ եղողին հարցնէ՝ ‘Ալ ուրիշ մէկը կա՞յ քովդ’ Եւ անիկա ըսէ՝ ‘Ո՛չ’, Այն ատեն հարցնողը պիտի ըսէ. ‘Լո՛ւռ կեցիր, Քանզի Տէրոջը անունը պէտք չէ յիշենք’։ Ահա Տէրը կը հրամայէ Ու մեծ տունը պիտի կործանի Ու պզտիկ տունը պիտի ճեղքուի։ Միթէ ձիերը ապառաժի վրայ կը վազե՞ն, Կամ ծովը եզներով կը հերկուի՞։ Բայց դուք իրաւունքը՝ դառնութեան Եւ արդարութեան պտուղը օշինդրի դարձուցիք։ «Ո՜վ ոչինչ բանով ուրախացողներ, Որ ըսիք թէ ‘Չէ՞ որ մեր ուժովը մեզի եղջիւրներ առինք’, Անոր համար ահա ես, ո՛վ Իսրայէլի տուն, Ձեր վրայ ազգ մը ոտքի պիտի հանեմ, Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Աստուածը, Որ ձեզ Եմաթի մուտքէն մինչեւ անապատի ձորը պիտի նեղէ»։ Տէր Եհովան ինծի ասիկա ցուցուց. Ահա ան վերջին խոտին բուսնելուն սկիզբը մարախներ ստեղծեց։ Ահա վերջին խոտը թագաւորին հունձքէն ետքն էր։ Երբ անոնք երկրին խոտը ամբողջութեամբ կերան, Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, ներէ՛. Յակոբը ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է»։ Տէրը ասոր համար զղջաց։ «Ասիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Տէրը։ Տէր Եհովան ինծի ասիկա ցուցուց։ Ահա Տէր Եհովան կրակը կը կանչէր, որպէս զի անով դատաստան ընէ։ Անիկա մեծ անդունդը կերաւ, Արտերը սպառեց։ Ու ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, դադարէ՛. Յակոբը ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է»։ Տէրը ասոր համար զղջաց։ «Ասիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Տէր Եհովան։ Եւ ինծի ցուցուց։ Տէրը կապարալարով շինուած պարսպի մը վրայ կայներ էր Ու ձեռքը կապարալար մը կար։ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես, ո՛վ Ամովս»։ Ու ես ըսի. «Կապարալար մը»։ Տէրը ըսաւ. «Ահա ես իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ կապարալար մը կը դնեմ. Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ։ Իսահակին բարձր տեղերը աւերակ պիտի ըլլան Ու Իսրայէլին սրբարանները պիտի աւերուին Ու Յերոբովամին տանը վրայ սուրով պիտի ելլեմ»։ Բեթէլի քուրմը՝ Ամասիա՝ Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին լուր ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի տանը մէջ Ամովս քեզի դէմ դաւաճանութիւն կ’ընէ. Երկիրը չի կրնար անոր բոլոր խօսքերը տանիլ. Քանզի Ամովս այսպէս կ’ըսէ. «Յերոբովամ սուրով պիտի մեռնի Ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ»։ Ամասիա ըսաւ Ամովսին. «Ո՛վ տեսանող, գնա՛, Յուդայի երկիրը փախի՛ր։ Հոն հաց կե՛ր եւ հոն մարգարէութիւն ըրէ՛։ Անգամ մըն ալ Բեթէլի մէջ մարգարէութիւն մի՛ ըներ, Քանզի անիկա թագաւորին սրբարանն է Ու թագաւորութեանը տունն է»։ Ամովս պատասխան տուաւ ու Ամասիային ըսաւ. «Ես ո՛չ մարգարէ էի, ո՛չ ալ մարգարէի որդի, Հապա ես արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող էի։ Տէրը զիս հօտին ետեւէն առաւ Եւ ինծի ըսաւ. ‘Գնա՛, իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին՝ մարգարէութիւն ըրէ՛’։ Եւ հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ՛. Դուն կ’ըսես թէ՝ ‘Իսրայէլի համար մարգարէութիւն մի՛ ըներ Ու Իսահակի տանը դէմ մի՛ խօսիր’։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու կինդ քաղաքին մէջ պոռնկութիւն պիտի ընէ, Քու տղաքներդ ու աղջիկներդ սուրով պիտի իյնան, Քու երկիրդ լարով պիտի բաժնուի, Դուն պիղծ երկրի մը մէջ պիտի մեռնիս Ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ’»։ Տէր Եհովան ինծի ցուցուց Կողով մը ամառնային պտուղ Ու ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես, ո՛վ Ամովս»։ Ես ըսի. «Կողով մը ամառնային պտուղ»։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի՝ վախճանը հասած է։ Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ։ Այն օրը տաճարին երգերը ողբեր պիտի ըլլան»։ Տէր Եհովան կ’ըսէ. «Շատ մեռելներ պիտի ըլլան Ու զանոնք լռութեամբ ամէն տեղ պիտի նետեն»։ «Ասիկա լսեցէ՛ք, Ո՛վ դուք որ տնանկը՝ կլլել Ու երկրին աղքատները կորսնցնել կը ցանկաք Ու կ’ըսէք. ‘Ամսագլուխը ե՞րբ պիտի անցնի, որ ընդեղէն ծախենք, Շաբաթը՝ որ ցորենը ծախու հանենք Ու արդուն պզտկցնենք ու սիկղը մեծցնենք Եւ նենգութեամբ խարդախ կշիռքներ գործածենք. Որպէս զի աղքատները ստակով Ու տնանկները զոյգ մը կօշիկով ծախու առնենք Ու ցորենին խոտանը ծախենք’։ Տէրը Յակոբին մեծավայելչութեանը վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով. «Անոնց բոլոր գործերը յաւիտեան պիտի չմոռնամ։ Չէ՞ որ այս բանին համար երկիրը պիտի դողայ, Անոր մէջ բնակողը սուգ պիտի ընէ, Բոլոր երկիրը գետի պէս վեր պիտի ելլէ Ու պիտի քշուի ու պիտի ընկղմի Եգիպտոսի գետին նման»։ «Այն օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան, Արեւը կէսօրուան ատենը մարը պիտի մտցեն Ու ցորեկուան լոյսին ատենը երկիրը պիտի խաւարեցնեմ։ Ձեր տուները՝ սուգի, Ձեր բոլոր երգերը ողբի պիտի դարձնեմ. Ամէն մէջքի վրայ՝ քուրձ, Ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի բերեմ։ Երկրին վրայ սուգ պիտի բերեմ՝ մէկ հատիկ զաւակի համար եղած սուգին պէս, Անոր վախճանը դառնութեան օրուան պէս պիտի ըլլայ»։ «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէր Եհովան, Երբ երկրի վրայ սով մը պիտի ղրկեմ, Ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ, Այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը ։ Մէկ ծովէն միւս ծովը Եւ հիւսիսէն մինչեւ արեւելք պիտի թափառին, Տէրոջը խօսքը փնտռելու համար հոս հոն պիտի պտըտին, Բայց պիտի չգտնեն։ Այն օրը գեղեցիկ կոյսերը Ու երիտասարդները ծարաւէն պիտի մարին, Որոնք Սամարիայի յանցանքովը երդում կ’ընեն ու կ’ըսեն. ‘Կենդանի է քու Աստուածդ, ո՛վ Դան’ ‘Ու կենդանի է Բերսաբէէի ճամբան’. Անոնք պիտի իյնան ու անգամ մըն ալ պիտի չելլեն»։ Տէրը տեսայ, որ սեղանին քով կայներ էր ու ըսաւ. «Խոյակին զա՛րկ, որպէս զի սեմերը դողան։ Զանոնք կտոր կտոր ըրէ՛ անոնց ամենուն գլխուն վրայ։ Անոնց մնացորդը սուրով պիտի մեռցնեմ։ Անոնցմէ մէկը պիտի չկարենայ փախչիլ, Եւ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ ազատիլ։ Թէեւ անոնք մինչեւ դժոխք փորեն, Իմ ձեռքս անկէ պիտի վերցնէ զանոնք։ Թէեւ երկինք ելլեն՝ Զանոնք անկէ պիտի իջեցնեմ։ Թէեւ Կարմեղոսի գլուխը պահուըտին՝ Զանոնք պիտի գտնեմ ու անկէ պիտի առնեմ։ Թէեւ իմ աչքերուս առջեւէն ծովուն յատակը ծածկուին, Հոն օձին պիտի հրամայեմ, որ զանոնք խայթէ։ Թէեւ անոնք իրենց թշնամիներուն առջեւէն գերութեան երթան, Հոն սուրին պիտի հրամայեմ, որ զանոնք մեռցնէ։ Իմ աչքս անոնց վրայ պիտի ըլլայ չարիքի համար Եւ ոչ թէ՝ բարիքի համար»։ Քանզի զօրքերու Տէր Եհովան ինքն է, Որ երկրիս կը դպչի ու անիկա կը հալի, Անոր բոլոր բնակիչները սուգ կը բռնեն, Բոլոր երկիրը գետի պէս կը յորդի, Կը քաշուի Նեղոսի նման։ Ինքն է որ երկնքի մէջ իր վերնատուները կը շինէ Ու անոր կամարը երկրի վրայ կը հաստատէ։ Ծովուն ջուրերը կը կանչէ Ու զանոնք երկրի երեսին վրայ կը տարածէ։ Անոր անունը Եհովա է։ «Միթէ դուք ինծի Եթովպիացիներու որդիներուն պէս չէ՞ք Ո՛վ Իսրայէլի որդիներ, կ’ըսէ Տէրը. Չէ՞ որ Իսրայէլը՝ Եգիպտոսէն Ու Փղշտացիները՝ Կափթորէն Եւ Ասորիները Կիրէն հանեցի»։ Ահա Տէր Եհովային աչքերը այդ մեղաւոր թագաւորութեանը վրայ են։ «Զանիկա երկրի երեսէն պիտի կորսնցնեմ. Սակայն Յակոբին տունը բոլորովին պիտի չկորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Քանզի ահա ես կը հրամայեմ։ Իսրայէլի տունը բոլոր ազգերուն մէջ պիտի խարբալեմ, Ինչպէս ցորենը մաղով կը խարբալեն, Բայց հատ մը գետինը պիտի չիյնայ։ Իմ ժողովուրդիս բոլոր մեղաւորները սուրով պիտի մեռնին, Որոնք կ’ըսեն թէ ‘Չարիքը մեր վրայ պիտի չհասնի Ու մեր առջեւը պիտի չառնէ’»։ «Այն օրը Դաւիթին ինկած խորանը պիտի կանգնեցնեմ Եւ անոր փլածները պիտի նորոգեմ, Աւերակները պիտի շէնցնեմ, Զանիկա հինին պէս պիտի շինեմ. Որպէս զի անոնք Եդովմին մնացորդը Ու բոլոր ազգերը ժառանգեն, Որոնք իմ անունովս կոչուած են», Կ’ըսէ Տէրը, որ այս բանը կ’ընէ։ «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը, Երբ հերկողը՝ հնձողին Եւ խաղող կոխողը սերմնացանին պիտի հասնի. Լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն, Բլուրները անով պիտի յորդին։ Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ գերութենէ պիտի դարձնեմ։ Անոնք աւերուած քաղաքները պիտի շէնցնեն ու անոնց մէջ բնակին Եւ այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց գինին խմեն Եւ պարտէզներ պիտի շինեն ու անոնց պտուղները պիտի ուտեն։ Եւ զանոնք իրենց երկրին վրայ պիտի հաստատեմ Ու անգամ մըն ալ պիտի չխլուին իրենց երկրէն, որ իրենց տուի», Կ’ըսէ քու Տէր Աստուածդ։ Աբդիի տեսիլքը։ Տէր Եհովան Եդովմին համար այսպէս կ’ըսէ. Տէրոջմէ լուր լսեցինք Ու ազգերուն դեսպան ղրկուեցաւ՝ ըսելով. «Ելէ՛ք ու անոր դէմ պատերազմի ելլենք»։ Ահա քեզ ազգերու մէջ պզտկցուցի, ուստի Դուն խիստ պիտի անարգուիս։ Քու սրտիդ հպարտութիւնը քեզ խաբեց, Ո՛վ ժայռերու խոռոչներուն մէջ բնակող Ու բարձր բնակարան ունեցող, Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես՝ ‘Ո՞վ զիս գետինը պիտի իջեցնէ’։ Թէեւ արծիւի պէս բարձրանաս, Բոյնդ աստղերուն մէջ դնես, Քեզ անկէ պիտի իջեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Եթէ քեզի գողեր կամ գիշերային աւազակներ գային (Ինչպէ՜ս կործանեցար) Անոնք իրենց բաւելու չափ պիտի չգողնայի՞ն։ Եթէ քեզի կթողներ գային, Միթէ ճիռեր պիտի չթողուի՞ն։ Եսաւ ինչպէ՜ս քննուեցաւ. Անոր ծածուկ տեղերը խուզարկուեցան։ Քու բոլոր դաշնակիցներդ քեզ մինչեւ սահմանը ղրկեցին, Քեզի հետ խաղաղութիւն կնքող մարդիկը քեզ խաբեցին Ու քեզի յաղթեցին։ Քու հացդ ուտողները քու տակդ որոգայթ լարեցին։ Անոր քով հանճար չկայ։ «Ահա այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Եդովմէն իմաստունները Ու Եսաւին լեռնէն հանճարը բնաջինջ պիտի ընեմ։ Քու կտրիճներդ, ո՛վ Թեման, պիտի զարհուրին, Որպէս զի Եսաւին լեռնէն ամէն մարդ սպաննուելով կոտորուի»։ «Քու եղբօրդ Յակոբին եղած անիրաւութեանը համար Ամօթը քեզ պիտի ծածկէ Ու յաւիտեան բնաջինջ պիտի ըլլաս։ Անոր դէմ կայնած օրդ, Երբ օտարազգիները անոր զօրքը գերի առին Ու օտարները անոր դռները մտան Ու Երուսաղէմի վրայ վիճակ ձգեցին, Դո՛ւն ալ անոնց պէս ըրիր։ Ու պէտք չէր որ՝ քու եղբօրդ օրը, Անոր օտարութեան օրը, անոր նայէիր Եւ Յուդայի որդիներուն վրայ՝ Անոնց կորուստին օրը՝ խնդայիր Ու անոնց նեղութեան օրը Քու բերանդ մեծցնէիր։ Ո՛չ ալ իմ ժողովուրդիս դուռը՝ Անոնց թշվառութեան օրը՝ մտնէիր, Անոնց կործանումին օրը Դուն ալ անոնց չարիքին վրայ նայէիր Եւ անոնց կործանումին օրը Անոնց ստացուածքին վրայ ձեռք դնէիր Եւ ո՛չ թէ անոր ազատուածները կոտորելու համար Ճամբուն բերանը կայնէիր Ու անոր նեղութեան օրը Անոր մնացորդները մատնէիր»։ «Քանզի բոլոր ազգերուն վրայ Տէրոջը օրը մօտ է։ Քեզի քու ըրածիդ պէս պիտի ընեն. Քու հատուցումդ գլուխդ պիտի դառնայ։ Քանզի ինչպէս դուք իմ սուրբ լերանս վրայ խմեցիք, Բոլոր ազգերն ալ շարունակ պիտի խմեն. Պիտի խմեն ու պիտի կլլեն Ու չեղածի պէս պիտի ըլլան»։ «Բայց Սիօն լերանը վրայ փրկութիւն պիտի ըլլայ Եւ սրբութիւն պիտի ըլլայ։ Յակոբին տունը իրենց կալուածներուն պիտի տիրեն։ Յակոբին տունը՝ կրակ, Յովսէփին տունը՝ բոց Ու Եսաւին տունը յարդ պիտի ըլլայ։ Անոնց մէջ պիտի բռնկին, Զանոնք պիտի ուտեն Ու Եսաւին տանը մնացորդ մը պիտի չըլլայ, Քանզի Տէրը խօսեցաւ։ Եւ հարաւայինները Եսաւին լեռը պիտի ժառանգեն Ու դաշտայինները՝ Փղշտացիներուն երկիրը, Նաեւ Եփրեմին դաշտը ու Սամարիային դաշտը պիտի ժառանգեն։ Բենիամին Գաղաադը պիտի ժառանգէ ։ Իսրայէլի որդիներուն այս գերի զօրքերը Քանանացիներուն ունեցածը պիտի ժառանգեն մինչեւ Սարեփթա։ Երուսաղէմի գերիները, որոնք Սեփարադի մէջ են, Հարաւային քաղաքները պիտի ժառանգեն։ Ազատուողները պիտի ելլեն Սիօն լեռը՝ Եսաւին լեռը դատելու համար Ու թագաւորութիւնը Տէրոջը պիտի ըլլայ»։ Տէրոջը խօսքը Ամաթիին որդիին Յովնանին եղաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու քարոզէ՛, քանզի անոնց չարութիւնը իմ առջեւս ելաւ»։ Բայց Յովնան ելաւ, որ Տէրոջը երեսէն Թարսիս փախչի։ Յոպպէ իջաւ ու նաւ մը գտաւ, որ Թարսիս կ’երթար։ Անոր վարձքը տուաւ ու անոր մէջ մտաւ, որպէս զի անոնց հետ Թարսիս երթայ՝ Տէրոջը երեսէն հեռու։ Տէրը ծովուն մէջ մեծ հով մը հանեց ու ծովուն մէջ մեծ փոթորիկ մը եղաւ, այնպէս որ նաւը խորտակուելու վտանգին մէջ էր։ Նաւաստիները վախցան եւ ամէն մէկը իր աստուծոյն կ’աղաղակէր ու նաւուն մէջի կարասիները ծովը նետեցին, որպէս զի զանիկա թեթեւցնեն. բայց Յովնան նաւուն խորշը իջնելով պառկեր էր ու խորունկ կը քնանար։ Նաւապետը անոր մօտեցաւ ու անոր ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ եղաւ, ո՜վ խորունկ քնացող. ելի՛ր քու Աստուծոյդ աղաղակէ, թերեւս Աստուած մեզ յիշէ ու չկորսուինք»։ Իրարու ըսին. «Եկէ՛ք, վիճա՛կ ձգենք, որպէս զի գիտնանք թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ եկաւ»։ Երբ վիճակ ձգեցին, վիճակը Յովնանին ելաւ։ Անոնք ըսին անոր. «Հիմա պատմէ՛ մեզի՝ թէ այս չարիքը որո՞ւն պատճառով մեր վրայ եկաւ ։ Քու գործդ ի՞նչ է։ Ուրկէ՞ կու գաս։ Քու երկիրդ ո՞րն է ու դուն ո՞ր ժողովուրդէն ես»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Ես Եբրայեցի եմ եւ ծովն ու ցամաքը ստեղծող երկնքի Աստուածը՝ Եհովան կը պաշտեմ»։ Այն մարդիկը խիստ շատ վախցան ու անոր ըսին. «Այդ բանը ինչո՞ւ ըրիր»։ Քանզի այն մարդիկը գիտցան թէ Տէրոջը երեսէն կը փախչէր, վասն զի անոնց պատմեր էր։ Ուստի անոր ըսին. «Քեզի ի՞նչ ընենք, որ ծովը դադարի»։ Քանզի ծովը երթալով աւելի կը սաստկանար։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Զիս վերցուցէ՛ք ու ծովը նետեցէ՛ք ու ծովը պիտի դադարի, քանզի ես գիտեմ թէ այս մեծ փոթորիկը իմ պատճառովս եղաւ»։ Այն մարդիկը թի քաշելով կը ջանային նաւը ցամաքը դարձնել, բայց չէին կրնար, քանզի ծովը երթալով աւելի կը սաստկանար։ Ուստի Եհովային աղաղակեցին ու ըսին. «Ո՜հ, Եհովա՛, կ’աղաչենք, այս մարդուն հոգիին համար մեզ մի՛ կորսնցներ ու մեր վրայ անմեղ արիւն մի՛ դներ, քանզի դո՛ւն, ո՛վ Եհովա, ուզածիդ պէս ըրիր»։ Եւ Յովնանը վերցուցին ու ծովը նետեցին եւ ծովը իր կատաղութենէն դադարեցաւ։ Այն մարդիկը Եհովայէն սաստիկ վախցան ու Եհովային զոհ մատուցանեցին եւ ուխտեր ըրին։ Եւ Տէրը մեծ ձուկի մը հրամայեց, որ Յովնանը կլլէ։ Յովնան երեք օր ու երեք գիշեր ձուկին փորը մնաց։ Յովնան ձուկին փորէն իր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրաւ Ու ըսաւ. «Իմ նեղութենէս Տէր, քեզի աղաղակեցի Եւ դուն ինծի պատասխան տուիր։ Գերեզմանին փորէն կանչեցի Ու իմ ձայնս լսեցիր։ Վասն զի զիս ծովերուն մէջ, անդունդը նետեցիր Ու հեղեղները զիս պաշարեցին. Կոհակներն ու ալիքները իմ վրայէս անցան»։ Ու ես ըսի. «Քու աչքերուդ առջեւէն վռնտուեցայ, Բայց տակաւին քու սուրբ տաճարիդ պիտի նայիմ»։ Զիս մինչեւ հոգիս ջուրերը պաշարեցին, Անդունդը ամէն կողմէն զիս շրջապատեց, Կնիւները գլուխս փաթթուեցան։ Լեռներուն տակերը իջայ, Երկիրը իր նիգերովը իմ բոլորտիքս էր, Բայց դուն իմ կեանքս գուբէն հանեցիր, Ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Երբ հոգիս իմ մէջս մարեցաւ, Տէ՛ր, քեզ յիշեցի Ու իմ աղօթքս քեզի՝ քու սուրբ տաճարդ՝ հասաւ։ Սուտ ունայնութիւններու նայողները Իրենց ողորմութիւնը թողուցին, Բայց ես շնորհակալութեան ձայնով քեզի զոհ պիտի մատուցանեմ Ու ըրած ուխտս պիտի կատարեմ։ Փրկութիւնը Տէրոջմէն է»։ Եւ Տէրը ձուկին հրաման ըրաւ, ան ալ Յովնանը ցամաքը փսխեց։ Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Յովնանին եղաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր, Նինուէ մեծ քաղաքը գնա՛ ու տո՛ւր անոր այն պատգամը, որ ես քեզի կը յայտնեմ»։ Եւ Յովնան Տէրոջը խօսքին համեմատ ելաւ Նինուէ գնաց։ Նինուէ խիստ մեծ քաղաք մըն էր՝ երեք օրուան ճամբու տարածութեամբ ։ Յովնան քաղաքը մտաւ ու մէկ օրուան ճամբայ պտըտելով ՝ կը քարոզէր ու կ’ըսէր. «Դեռ քառասուն օր կայ եւ Նինուէն պիտի կործանի»։ Նինուէացիները Աստուծոյ հաւատալով՝ ծոմապահութիւն քարոզեցին ու մեծէն մինչեւ պզտիկը քուրձ հագան։ Այս խօսքը Նինուէի թագաւորին հասաւ։ Անիկա իր աթոռէն ելաւ ու վրայէն պատմուճանը հանեց եւ քուրձ հագաւ ու մոխիրի վրայ նստաւ Եւ Նինուէի մէջ մունետիկ կանչել տուաւ ու թագաւորին ու իր մեծամեծներուն հրամանովը պատուիրեց՝ ըսելով. «Մարդ ու անասուն, արջառ ու ոչխար թող բան չուտեն, չարածին ու ջուր չխմեն Եւ մարդիկ ու անասուններ քուրձ թող հագնին ու բոլոր ուժով Աստուծոյ թող աղաղակեն։ Ամէն մարդ իր չար ճամբայէն ու իր ձեռքերուն մէջ եղած անիրաւութենէն թող դառնայ. Ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած դառնայ ու գթայ եւ իր սաստիկ բարկութիւնը իջնէ ու չկորսուինք»։ Աստուած անոնց գործերը տեսաւ, որ իրենց չար ճամբաներէն դարձան, ուստի Աստուած գթաց ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ։ Յովնան խիստ վշտացաւ ու նեղուեցաւ Ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ ու ըսաւ. «Ո՜հ, Տէ՛ր, երբ ես դեռ իմ երկիրս էի, այսպէս չըսի՞։ Ասոր համար Թարսիս փախայ, քանզի գիտէի թէ դուն ողորմած, գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ Աստուած ես ու չարիքի համար կը ցաւիս։ Եւ հիմա ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, իմ հոգիս ինծմէ ա՛ռ, քանզի մեռնիլս ապրելէս աղէկ է»։ Տէրը ըսաւ. « Միթէ այդպէս նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես՝ ՝»։ Յովնան քաղաքէն դուրս ելաւ ու քաղաքին արեւելեան կողմը նստաւ եւ հոն իրեն տաղաւար մը շինեց ու անոր հովանիին տակ նստաւ, մինչեւ որ տեսնէ թէ քաղաքին ի՞նչ պիտի պատահի։ Տէր Աստուած դդմենիի մը հրամայեց, որ Յովնանին վրայ ելլէ եւ անոր գլխուն վրայ հովանի ըլլայ, որպէս զի անիկա իր տառապանքէն ազատէ։ Եւ Յովնան դդմենիին համար չափազանց ուրախացաւ։ Հետեւեալ օրը, առտուն, Աստուած հրամայեց որդի մը, որ դդմենիին զարնէ ու անիկա չորցաւ։ Երբ արեւը կը ծագէր, Աստուած խորշակաբեր արեւելեան հովի մը հրամայեց ու արեւը Յովնանի գլխուն զարկաւ, այնպէս որ անիկա մարեցաւ ու իրեն մահը ուզելով՝ ըսաւ. «Մեռնիլս ապրելէս աղէկ է»։ Եւ Աստուած Յովնանին ըսաւ. «Միթէ դդմենիին համար նեղանալովդ աղէ՞կ կ’ընես»։ Անիկա ըսաւ. «Մեռնելու չափ նեղանալովս աղէկ կ’ընեմ»։ Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Դուն դդմենիին խղճացիր, որուն համար աշխատութիւն չքաշեցիր ու զանիկա չմեծցուցիր, որ մէկ գիշերուան մէջ բուսաւ ու մէկ գիշերուան մէջ կորսուեցաւ։ Ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ»։ Տէրոջը խօսքը, որ Յուդայի թագաւորներուն, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրերը Մօրստացի Միքիային եղաւ եւ Սամարիայի ու Երուսաղէմի վրայով անոր յայտնուեցաւ. «Լսեցէ՛ք, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ, Մտիկ ըրէ՛ք, ո՛վ երկիր ու անոր բոլոր բնակիչներ՝ ՝։ Տէր Եհովան ձեզի դէմ վկայ ըլլայ, Տէրը՝ ինք իր սուրբ տաճարէն։ Քանզի ահա Տէրը իր տեղէն պիտի ելլէ Եւ պիտի իջնէ ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ պիտի պտըտի։ Լեռները անոր տակ պիտի շարժին, Հովիտները պիտի հալին՝ Կրակին առջեւ հալած մոմի պէս Ու զարիվառէն թափուած ջուրի պէս։ Այս բոլորը պիտի ըլլան Յակոբին յանցանքին համար Ու Իսրայէլին տանը մեղքին համար։ Յակոբին յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Սամարիան չէ՞։ Եւ Յուդային բարձր տեղերուն յանցանքին պատճառը ո՞վ է. Երուսաղէմը չէ՞։ Ուստի Սամարիան դաշտի քարակոյտի Ու այգի տնկելու տեղի պիտի վերածեմ, Անոր քարերը ձորին մէջ պիտի գլորեմ Ու անոր հիմերը պիտի բանամ։ Անոր բոլոր կուռքերը պիտի կոտրտին Ու անոր բոլոր նուիրուած բաները կրակով պիտի այրին։ Անոր բոլոր արձանները բնաջինջ պիտի ընեմ. Քանզի անոնք պոռնկատունի մը վարձքով հաւաքեց Ու անոնք պոռնկատուն պիտի դառնան։ Ասոր համար պիտի ողբամ ու պիտի հառաչեմ, Անծածկոյթ ու մերկ պիտի շրջիմ. Չագալներու պէս՝ կոծ ու ջայլամներու պէս՝ սուգ պիտի ընեմ։ Քանզի անոր վէրքերը անբուժելի են, Քանզի մինչեւ Յուդա եկաւ, Մինչեւ իմ ժողովուրդիս՝ դուռը, մինչեւ Երուսաղէմ հասաւ։ Գէթի մէջ մի՛ պատմէք ու բնաւ մի՛ լաք։ Բեթափրայի մէջ փոշիի մէջ թաւալէ։ Ո՛վ Սափիրի բնակիչ, քու մերկութիւնդ բանալով անցի՛ր. Սաանանի բնակիչ, դուրս մի՛ ելլեր, Բեթեսելի կոծը իր օթեւանը ձեզմէ պիտի հեռացնէ։ Վասն զի Մարօթի բնակիչները անձկութեամբ կը սպասեն, Քանզի մինչեւ Երուսաղէմի դուռը Տէրոջմէ չարիք իջաւ։ Երիվարը կառքին լծէ՛, ո՛վ Լաքիսի բնակիչ Սիօնի աղջկան մեղքին սկիզբը ասիկա է. Քանզի Իսրայէլի յանցանքները քու մէջդ գտնուեցան։ Անոր համար Մօրեսեթ-Գէթին ընծաներ պիտի տաս. Աքեզիբի տուները Իսրայէլի թագաւորներուն սուտ պիտի խօսին։ Տակաւին քեզի ժառանգ պիտի բերեմ, ո՛վ Մարեսայի բնակիչ. Իսրայէլի փառքը մինչեւ Ոդողոմ պիտի հասնի։ Քու սիրելի որդիներուդ համար մազերդ փետտէ՛ ու կտրէ՛, Կնտութիւնդ արծիւի պէս շատցուր, Քանզի անոնք քեզմէ գերութեան պիտի երթան։ Վա՜յ անոնց, որ անօրէնութիւն կը խորհին Ու իրենց անկողիններուն մէջ չարութիւն կը մտածեն Եւ առաւօտեան լոյսին ատենը զանոնք կը գործադրեն, Քանզի իրենց ձեռքերուն մէջ ոյժ կայ։ Անոնք ագարակներու կը ցանկան ու զանոնք կը յափշտակեն, Տուներու՝ զանոնք կ’առնեն։ Մարդուն՝ իր տանը, Մարդուն ու իր ժառանգութեանը զրկանք կ’ընեն։ Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես ձեր ազգին համար չարիք կը խորհիմ, Ուրկէ պիտի չկրնաք ձեր պարանոցը հանել Ու պիտի չկրնաք հպարտութեամբ քալել, Վասն զի ժամանակը չար է։ Այն օրը ձեր վրայ առակ պիտի շինեն Ու դառն ողբով պիտի ողբան ու ըսեն. ‘Բոլորովին յափշտակուեցանք. Իմ ժողովուրդիս բաժինը փոխեց, Զանիկա ի՜նչպէս ինծմէ վերցուց. Մեր ագարակները ետ տալու տեղ՝ բաժնեց’»։ Անոր համար Տէրոջը ժողովին մէջ Վիճակով լար քաշող մը պիտի չունենաս։ Մարգարէութիւն ընողներուն՝ «Մարգարէութիւն մի՛ ընէք», կ’ըսեն. «Անոնց մարգարէութիւն պիտի չընեն, քանզի նախատինքը պիտի չվերնայ»։ Ո՛վ Յակոբի տուն, միթէ Տէրոջը հոգին կարճցա՞ւ, Անոր գործերը ասո՞նք են. Միթէ իմ խօսքերս ուղղութեամբ քալողին աղէկ չե՞ն։ Իմ ժողովուրդս շատոնց ոտքի ելաւ թշնամի ըլլալու համար։ Ապահովութեամբ անցնողներէն, պատերազմի դարձողներէն Հանդերձներուն վրայէն պատմուճանը կը կողոպտէք։ Իմ ժողովուրդիս կիները իրենց զուարճալի տուներէն կը վռնտէք, Անոնց տղաքներէն իմ փառքս կ’առնէք յաւիտեան։ Ելէ՛ք ու գացէ՛ք, Քանզի ասիկա հանգստութեան տեղ չէ։ Պիղծ ըլլալուն պատճառով Մեծ կործանումով բնաջինջ պիտի ըլլայ։ Եթէ մարդ մը հովի եւ ունայնութեան ետեւէ երթայ Ու ստութիւն խօսի՝ ըսելով ՝ «Գինիի ու օղիի համար քեզի մարգարէութիւն ընեմ», Անիկա պիտի ըլլայ այս ժողովուրդին մարգարէն։ Ո՜վ Յակոբ, ամէնքդ անշուշտ պիտի հաւաքեմ, Իսրայէլի մնացորդը պիտի հաւաքեմ, Բօսրայի ոչխարներուն պէս, Իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, մէկտեղ պիտի բերեմ։ Մարդոց բազմութեանը համար աղմուկ պիտի ըլլայ։ Խրամատ բացողը անոնց առջեւ ելաւ։ Անոնք խրամատ բացին ու դռնէն անցան եւ անկէ ելան։ Անոնց թագաւորը անոնց առջեւ անցաւ։ Տէրը՝ իբրեւ անոնց գլուխը՝ առջեւէն կ’երթար ։ Ու ըսի. «Հիմա լսեցէ՛ք, ո՛վ Յակոբի գլխաւորներ Ու Իսրայէլի տանը իշխաններ. Պէտք չէ՞ որ դուք իրաւունքը ճանչնաք, Դուք որ աղէկութիւնը կ’ատէք ու չարութիւնը կը սիրէք, Մարդոց վրայէն մորթերն ու անոնց ոսկորներէն միսերը կը հանէք։ Անոնք, որ իմ ժողովուրդիս միսը կ’ուտեն, Անոնց վրայէն մորթերը կը հանեն, Անոնց ոսկորները կը փշրեն, Զանոնք պտուկի մէջ ու կաթսայի մէջ եփելու միսի պէս կտոր կտոր կ’ընեն, Այն ատեն Տէրոջը պիտի աղաղակեն, Բայց անոնց պատասխան պիտի չտայ Ու այն ժամանակ իր երեսը անոնցմէ պիտի ծածկէ, Վասն զի անոնք չար գործեր ըրին։ Այսպէս կ’ըսէ Տէրը այն մարգարէներուն համար, Որոնք իմ ժողովուրդս կը մոլորեցնեն, Իրենց ակռաներովը կը խածնեն, Խաղաղութիւն կը քարոզեն, Անոնց բերանը բան չեն դներ, Բայց անոր դէմ պատերազմ կը հրատարակեն։ Անոր համար ձեզի գիշեր պիտի ըլլայ, Որպէս զի տեսիլք չտեսնէք։ Ձեզի խաւար պիտի ըլլայ, Որպէս զի գէշութիւն չընէք։ Մարգարէներուն վրայ արեւը պիտի մտնէ, Անոնց վրայ օրը պիտի խաւարի, Տեսանողները պիտի ամչնան, Գուշակողները ամօթով պիտի ըլլան. Ամէնքն ալ իրենց շրթունքը պիտի ծածկեն, Վասն զի Աստուծմէ պատասխան մը պիտի չըլլայ։ Սակայն ես Տէրոջը Հոգիովը՝ Զօրութեամբ, դատաստանով եւ արիութեամբ լեցուած եմ, Որպէս զի Յակոբին իր յանցանքը Ու Իսրայէլին իր մեղքը յայտնեմ։ Հիմա ասիկա լսեցէ՛ք, Ո՛վ Յակոբի տանը գլխաւորներ Ու Իսրայէլի տանը իշխաններ, Դուք որ իրաւունքէն կը զզուիք, Ամէն ուղղութիւն կը ծռէք, Սիօնը՝ արիւններով, Երուսաղէմը անիրաւութեամբ կը շինէք։ Անոր գլխաւորները կաշառքով կը դատեն, Անոր քահանաները վարձքով կը սորվեցնեն, Անոր մարգարէները ստակով գուշակութիւն կ’ընեն։ Տէրոջը վրայ կը կռթնին ու կ’ըսեն. «Չէ՞ որ Տէրը մեր մէջ է. Մեր վրայ չարիք պիտի չգայ»։ Ուրեմն ձեր պատճառով Սիօն ագարակի պէս պիտի հերկուի, Երուսաղէմ՝ աւերակներու դէզեր, Տէրոջը տանը լեռը անտառի բարձր տեղերու պէս պիտի ըլլայ։ Բայց վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը Լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, Բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, Ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն Եւ շատ ազգեր պիտի երթան ու ըսեն. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տո՛ւնը ելլենք, Որպէս զի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ, Որ անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։ Վասն զի օրէնքը՝ Սիօնէն Ու Տէրոջը խօսքը Երուսաղէմէն պիտի յայտնուի։ Անիկա շատ ժողովուրդներու մէջ դատաստան պիտի ընէ, Զօրաւոր ազգերը՝ մինչեւ հեռաւոր տեղերը՝ պիտի յանդիմանէ։ Անոնք իրենց սուրերը՝ խոփեր, Իրենց նիզակները յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ Եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին, Հապա ամէն մարդ իր որթատունկին տակ Ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, Վախցնող պիտի չըլլայ. Վասն զի զօրքերուն Տէրոջը բերանը խօսեցաւ։ Քանզի բոլոր ժողովուրդները՝ Ամէն մէկը իր աստուծոյն անունովը կը քալէ, Բայց մենք յաւիտեանս յաւիտենից Մեր Տէր Աստուծոյն անունովը պիտի քալենք։ «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, կաղը պիտի հաւաքեմ Ու աքսորուածը պիտի հաւաքեմ, Զանիկա ալ, որ նեղեցի։ Կաղը մնացորդ պիտի ընեմ, Հեռուն վռնտուածը՝ զօրաւոր ազգ»։ Տէրը Սիօն լերանը վրայ պիտի թագաւորէ անոնց վրայ, Ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան։ Դո՛ւն, ո՛վ հօտի աշտարակ, Սիօնի աղջկան բլո՛ւր, Մինչեւ քեզի պիտի գայ, Քեզի պիտի հասնի, առաջուան իշխանութիւնը Ու թագաւորութիւնը՝ Երուսաղէմին աղջկան։ Հիմա ինչո՞ւ բարձրաձայն կը պոռաս. Միթէ քու մէջդ թագաւոր չկա՞յ, Կամ քու խորհրդականդ կորսուեցա՞ւ, Որ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւ բռնեց։ Ցաւ քաշէ՛ ու ծննդականի պէս երկունքի մէջ եղի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Քանզի հիմա քաղաքէն պիտի ելլես Ու դաշտի մէջ պիտի բնակիս Ու մինչեւ Բաբելոն պիտի երթաս Եւ հոն պիտի ազատիս։ Հոն Տէրը քեզ պիտի ազատէ քու թշնամիներուդ ձեռքէն։ Հիմա քու վրադ շատ ազգեր հաւաքուեցան, որոնք կ’ըսէն. «Թող անիկա պղծուի Ու մեր աչքերը Սիօնը թող տեսնեն»։ Բայց անոնք Տէրոջը խորհուրդները չեն գիտեր Ու անոր դիտաւորութիւնը չեն հասկնար, Քանզի ինք զանոնք կը հաւաքէ՝ ինչպէս որաները կալին մէջ կը հաւաքուին ։ Ելի՛ր ու կալը ծեծէ՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Քանզի քու եղջիւրդ երկաթէ պիտի ընեմ, Քու կճղակներդ պղնձէ պիտի ընեմ Ու շատ ժողովուրդներ պիտի մանրես։ Անոնց վաստակը՝ Եհովային Եւ անոնց ստացուածքը բոլոր երկրին Տէրոջը պիտի նուիրեմ։ Հիմա, ո՛վ ամրութեան աղջիկ, քեզ ամրացուր. Մեզ պաշարած են։ Գաւազանով պիտի զարնեն Իսրայէլի դատաւորին ծնօտին։ Եւ դո՛ւն, ո՛վ Բեթլէհէմ Եփրաթա, Թէեւ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ ես, Բայց քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ։ Ու անոր ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է։ Անոր համար անոնց ձեռք պիտի տայ՝ Մինչեւ ծնանողին ծնանելու ժամանակը Եւ անոր եղբայրներուն մնացորդը Իսրայէլի որդիներուն պիտի դառնայ։ Անիկա պիտի կենայ ու Տէրոջը զօրութիւնովը Եւ իր Տէր Աստուծոյն անուանը մեծավայելչութիւնովը պիտի հովուէ։ Անոնք պիտի բնակին. Քանզի հիմա մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի մեծնայ։ Անիկա խաղաղութիւն պիտի բերէ, Երբ Ասորեստանցին մեր երկիրը մտնէ Ու մեր պալատներուն մէջ ոտք կոխէ, Անոր դէմ եօթը հովիւ Եւ ութը իշխաններ պիտի հանենք։ Անոնք Ասորեսատանը սուրով Ու Նեբրովթը իր դռներուն մէջ պիտի սպառեն։ Անիկա մեզ պիտի ազատէ Ասորեստանցիներէն, Երբ անոնք մեր երկիրը մտնեն Ու մեր սահմաններուն մէջ ոտք կոխեն։ Յակոբին մնացորդը շատ ժողովուրդներուն մէջ Ցօղի պէս պիտի ըլլայ, որ Տէրոջմէ կու գայ Եւ շաղի պէս, որ կանանչ խոտի վրայ կ’իջնէ. Որ մարդէ չի սպասեր Ու մարդու որդիներէն չի յուսար։ Յակոբին մնացորդը ազգերու մէջ, Շատ ժողովուրդներու մէջ այնպէս պիտի ըլլայ, Ինչպէս առիւծ մը՝ անտառի գազաններուն մէջ, Կամ առոյգ առիւծ մը՝ ոչխարներու հօտերուն մէջ, Որ եթէ անցնի՝ կը կոխկռտէ ու կը պատառէ Եւ ազատող մը չըլլար։ Քու ձեռքդ քու հակառակորդներուդ վրայ պիտի բարձրանայ Ու բոլոր թշնամիներդ պիտի կոտրտին։ «Եւ այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Քու ձիերդ քու մէջէդ բնաջինջ պիտի ընեմ, Քու կառքերդ պիտի կորսնցնեմ. Քու երկրիդ քաղաքները բնաջինջ պիտի ընեմ, Բոլոր պարիսպներդ պիտի փլցնեմ. Քու ձեռքէդ կախարդութիւնները բնաջինջ պիտի ընեմ, Ա՛լ գուշակութիւն ընողներ պիտի չունենաս։ Քու մէջէդ քու կուռքերդ Ու արձաններդ բնաջինջ պիտի ընեմ Ու ա՛լ քու ձեռքերուդ գործերուն երկրպագութիւն պիտի չընես։ Քու մէջէդ Աստարովթի կուռքերը պիտի կործանեմ Ու քու քաղաքներդ պիտի աւերեմ։ Ինծի մտիկ չընող ազգերէն Սրտմտութեամբ ու բարկութեամբ վրէժ պիտի առնեմ»։ Հիմա Տէրոջը ըսածը լսեցէ՛ք։ «Ելի՛ր ու լեռներուն առջեւ դատ վարէ՛ Եւ բլուրները քու ձայնդ թող լսեն»։ «Ո՛վ լեռներ ու երկրի ամուր հիմեր, Տէրոջը դատը լսեցէ՛ք, Քանզի Տէրը իր ժողովուրդին հետ դատ ունի Ու Իսրայէլին հետ պիտի վիճի»։ «Ո՛վ իմ ժողովուրդս, քեզի ի՞նչ ըրի Ու ի՞նչ բանով քեզ յոգնեցուցի. Ինծի պատասխան տո՛ւր, Վասն զի քեզ Եգիպտոսէն հանեցի Ու ծառայութեան տունէն քեզ փրկեցի Եւ քու առջեւէդ Մովսէսը, Ահարոնն ու Մարիամը ղրկեցի։ Ո՛վ իմ ժողովուրդս, միտքդ բե՛ր Ինչ որ Մովաբացիներու Բաղակ թագաւորը խորհեցաւ Ու ինչ որ Բէովրեան Բաղաամը անոր պատասխանեց Եւ ինչ որ եղաւ Սատիմէն մինչեւ Գաղգաղա, Որպէս զի Տէրոջը արդարութիւնը գիտնաս»։ «Տէրոջը առջեւ ինչո՞վ երթամ Ու Բարձրեալ Աստուծոյն առջեւ իյնամ. Արդեօք անոր առջեւ ողջակէզներո՞վ, Մէկ տարեկան հորթերո՞վ երթամ։ Արդեօք Տէրը հազարաւոր խոյերու Կամ բիւրաւոր իւղի գետերու պիտի հաւնի՞. Արդեօք իմ յանցանքիս համար իմ անդրանի՞կս Ու հոգիիս մեղքին համար որովայնիս պտո՞ւղը տամ»։ Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը Ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, Բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել Ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել։ Տէրոջը ձայնը քաղաքին կը կանչէ Ու իմաստունը քու անունդ պիտի տեսնէ. «Գաւազանին մտիկ ըրէ՛ք, որ զայն կը պատրաստէ»։ Անօրէնին տանը մէջ տակաւին անօրէնութեան գանձեր կա՞ն Ու պակաս արդու՝ որ պիղծ է։ Միթէ անօրէնութեան կշիռներ Ու խարդախ քարերու քսակ ունեցողը մաքուր պիտի սեպե՞մ։ Քանզի անոր հարուստները զրկանքով լեցուն են Եւ անոր բնակիչները սուտ կը խօսին Ու իրենց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու ունին։ Ուստի ես ալ քեզ զարնելով պիտի հիւանդացնեմ Եւ քու մեղքերուդ համար քեզ պիտի ամայացնեմ։ Դուն պիտի ուտես ու պիտի չկշտանաս Եւ քու անօթութիւնդ փորիդ մէջ պիտի ըլլայ։ Պիտի յափշտակես, բայց պիտի չկարենաս ազատել Ու ազատածդ սուրի պիտի մատնեմ։ Դուն պիտի սերմանես, բայց պիտի չհնձես. Դուն ձիթապտուղ պիտի կոխես, բայց իւղով պիտի չօծուիս. Քաղցու պիտի պատրաստես, բայց գինի պիտի չխմես։ Քանզի Ամրիին հրամանները կը պահուին Եւ Աքաաբին տանը բոլոր գործերը Եւ դուք անոնց խորհուրդներովը կը քալէք, Որպէս զի քեզ ամայացնեմ Եւ քու բնակիչներդ՝ սուլելու ենթակայ. Ուստի իմ ժողովուրդիս նախատինքը պիտի կրէք»։ Վա՜յ ինծի, որ ամառնային պտուղը քաղուածի պէս, Այգեկութէն մնացած ճիռերու պէս եղայ։ Ուտելու ողկոյզ չկայ։ Հոգիս կանխահաս պտուղներու կը ցանկայ։ Բարեպաշտը երկրէն կորսուեցաւ։ Մարդոց մէջ ուղիղ մէկը չկայ։ Ամէնքը արիւններու համար դարան կը մտնեն։ Ամէն մարդ իր եղբայրը որոգայթով կ’որսայ։ Ձեռքերով չարութիւն ընելու համար Իշխանը պարգեւ կը պահանջէ Եւ դատաւորը կաշառքի կը նայի ։ Մեծ մարդը իր սրտին ցանկութեանը համեմատ կը խօսի։ Այսպէս զանիկա կը ծռեն։ Անոնց աղէկը՝ փուշի պէս, Շիտակը փշեղէն ցանկէն գէշ է. Քու դէտերուդ օրը քու պատիժդ եկաւ, Անոնց շփոթութիւնը հիմա պիտի ըլլայ։ Բարեկամի մի՛ հաւատաք, Մտերիմ բարեկամի մի՛ ապաւինիք, Ծոցդ պառկողէն բերնիդ դռներուն հսկէ՛. Քանզի տղան իր հայրը կ’անարգէ, Աղջիկը՝ իր մօրը դէմ ու հարսը իր կեսուրին դէմ կ’ելլէ. Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքն են։ Բայց ես Տէրոջը պիտի սպասեմ, Իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ, Իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ։ Ո՛վ իմ թշնամիս, վրաս մի՛ խնդար. Թէեւ իյնամ՝ պիտի ելլեմ, Թէեւ խաւարի մէջ նստիմ՝ Տէրը ինծի լոյս պիտի ըլլայ։ Տէրոջը բարկութիւնը պիտի կրեմ Քանզի անոր դէմ մեղք գործեցի Մինչեւ անիկա իմ դատս պաշտպանէ ու ինծի իրաւունք ընէ, Զիս լոյսը հանէ ու իրեն արդարութիւնը տեսնեմ։ Այն ատեն իմ թշնամիս պիտի տեսնէ. Ամօթը պիտի ծածկէ զանիկա, որ ինծի կ’ըսէր թէ՝ «Ո՞ւր է քու Տէր Աստուածդ»։ Իմ աչքերս զանիկա պիտի տեսնեն. Հիմա անիկա փողոցներուն ցեղին պէս ոտքի կոխան պիտի ըլլայ։ Այն օրը որ քու պարիսպներդ շինուին Նոյն օրը Աստուծոյ խօսքը հեռացած պիտի ըլլայ։ Այն օրը Ասորեստանէն եւ պարսպապատ քաղաքներէն Ու պարիսպէն մինչեւ Գետը Եւ ծովէ ծով ու լեռնէ լեռ քեզի պիտի գան։ Սակայն երկիրը ամայի պիտի ըլլայ իր բնակիչներուն պատճառով, Որպէս զի իրենց գործերուն պտուղէն ուտեն ։ Քու գաւազանովդ հովուէ՛ քու ժողովուրդդ, Քու ժառանգութեանդ խաշինքը, Որ առանձին անտառ մը կը նստի Կարմեղոսի մէջ։ Անոնք հին օրերու պէս Բասանի ու Գաղաադի մէջ թող արածին։ Անոր հրաշքներ պիտի ցուցնեմ, Ինչպէս այն օրերը, երբ Եգիպտոսէն ելար։ Ազգերը պիտի տեսնեն Ու իրենց բոլոր քաջութենէն պիտի ամչնան։ Բերնի վրայ ձեռք պիտի դնեն Ու անոնց ականջները պիտի խլանան։ Օձի պէս հող պիտի լզեն, Երկրի սողուններուն պէս Իրենց պահուըտած տեղերուն մէջ պիտի դողան, Մեր Տէր Աստուծմէն պիտի զարհուրին Ու քեզմէ պիտի վախնան։ Քեզի պէս Աստուած ո՞վ կայ, Որ անօրէնութեան կը ներէ Ու իր ժառանգութեանը մնացորդին յանցանքը անտես կ’ընէ. Իր բարկութիւնը յաւիտեան չի պահեր, Քանզի ողորմութիւնը կը սիրէ։ Անիկա պիտի դառնայ, մեզի ողորմութիւն պիտի ընէ, Մեր անօրէնութիւնները ոտքին տակ պիտի առնէ։ Այո՛, անոնց բոլոր մեղքերը Ծովուն խորութեանը մէջ պիտի նետես։ Յակոբին ճշմարտութիւն պիտի ընես Եւ Աբրահամին՝ ողորմութիւն, Ինչպէս հին օրերէն ի վեր Մեր հայրերուն երդումով խոստացեր ես։ Նինուէի պատգամը եւ Ելկեսացի Նաւումին տեսիլքին գիրքը։ Եհովան նախանձոտ ու վրէժխնդիր Աստուած է։ Եհովան վրէժ առնող ու բարկութեան տէր է։ Եհովան իր հակառակորդներէն վրէժ կ’առնէ, Իր թշնամիներուն դէմ ոխ կը պահէ։ Եհովան երկայնամիտ է ու անոր զօրութիւնը մեծ է, Բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր։ Եհովային ճամբան մրրիկի ու փոթորիկի մէջ է Ու ամպերը անոր ոտքերուն փոշին են։ Ծովուն կը սաստէ ու զանիկա կը ցամքեցնէ Եւ բոլոր գետերը կը չորցնէ։ Բասանն ու Կարմեղոսը կը թառամին Եւ Լիբանանի ծաղիկը կը թառամի։ Լեռները անկէ կը դողան ու բլուրները կը հալին։ Երկիրը անոր երեսէն կը խախտի, Աշխարհն ու անոր բոլոր բնակիչները։ Անոր ցասումին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ Եւ անոր սաստիկ բարկութեանը Ո՞վ կրնայ դէմ դնել։ Անոր սրտմտութիւնը կրակի պէս կը թափի Ու ապառաժները անկէ կը խորտակուին։ Եհովան բարի է, նեղութեան օրը ամրութիւն է, Իրեն ապաւինողները կը ճանչնայ։ Բայց այն քաղաքին տեղը յորդահոս հեղեղով բոլորովին պիտի ջնջէ Եւ խաւարը պիտի հալածէ անոր թշնամիները։ Եհովային դէմ ի՞նչ կը ծրագրէք։ Բնաջինջ ընողը անիկա է։ Թշնամիներէն երկրորդ անգամ վրէժ պիտի չլուծէ։ Քանզի անոնք՝ փուշերու պէս փաթթուած Ու իրենց ըմպելիքովը գինովցածի պէս են, Բոլորովին չորցած յարդի պէս պիտի այրին։ Քեզմէ՝ Եհովային դէմ չարութիւն մտածող մը, Անօրէն խորհրդական մը ելաւ։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Թէեւ անոնք խաղաղութեան մէջ են ու բազմաթիւ են, Սակայն անոնք պիտի կոտորուին ու անցնին։ Թէեւ քեզ նեղեցի, ա՛լ պիտի չնեղեմ։ Հիմա քու վրայէդ անոր լուծը պիտի վերցնեմ Ու քու կապերդ պիտի կտրեմ»։ Տէրը քեզի համար հրամայեց, Անգամ մըն ալ քու անունդ պիտի չտարածուի։ Քու աստուածներուդ տունէն Քանդակուած եւ ձուլածոյ կուռքերը բնաջինջ պիտի ընեմ։ Զանիկա քու գերեզմանդ պիտի ընեմ, Քանզի դուն անարգ եղար»։ Ահա լեռներուն վրայ աւետիս բերողին, Խաղաղութիւն քարոզողին ոտքերը։ Տօներդ պահէ՛, ո՛վ Յուդա, ուխտերդ կատարէ՛. Քանզի ա՛լ քու մէջէդ անօրէն պիտի չանցնի, Անիկա բոլորովին կտրուեցաւ։ Խորտակողը քու երեսիդ դէմ ելաւ։ Պարիսպը պահպանէ՛, ճամբան դիտէ՛, Մէջքերդ ուժովցո՛ւր ու բոլոր ոյժդ վրադ հաւաքէ՛։ Քանզի Տէրը Յակոբին վայելչութիւնը Իսրայէլին վայելչութեանը պէս նորոգեց, Վասն զի աւարառուները զանիկա կողոպտեցին Ու անոնց որթատունկին ճիւղերը աւերեցին. Անոր զօրաւոր մարդոց վահանը կարմրեցաւ Անոր քաջ մարդիկը ծիրանի հագան. Անոր պատրաստութեանը օրը կառքը պողպատի փայլունութիւն՝ ՝ պիտի ունենայ, Նիզակները պիտի երերցուին։ Կառքերը փողոցներուն մէջ պիտի կատղին, Հրապարակներուն մէջ իրարու պիտի բաղխին։ Անոնց երեւոյթը ջահերու պէս պիտի ըլլայ Ու փայլակներու պէս պիտի վազեն։ Իր կտրիճները պիտի յիշէ։ Անոնք քալած ատեննին պիտի գլորին, Իսկ թշնամիները պարսպին մօտենալու պիտի արտորան Ու պատսպարան պիտի պատրաստուի։ Գետերուն դռները պիտի բացուին Ու պալատը պիտի փլչի։ Ու նախասահմանուեցաւ, որ անիկա գերութեան ելլէ Եւ անոր աղախինները կուրծքերնուն զարնելով Ու աղաւնիի պէս մնչելով անոր հետ երթան։ Նինուէն շատ ժամանակէ ի վեր ջուրերու աւազանի պէս էր. Սակայն անոնք փախչելով՝ ‘Կայնեցէ՛ք, կայնեցէ՛ք, պիտի ըսեն, Բայց դարձող պիտի չըլլայ։ Արծաթ յափշտակեցէ՛ք, ոսկի յափշտակեցէ՛ք, Քանզի անոր զարդերը անթիւ են Ու ամէն ցանկալի սպասներու առատութիւն կայ։ Պարապ ու պարպուած ու դատարկուած է։ Սրտերը կը հալին ու ծունկերը իրարու կը զարնուին, Բոլոր մէջքերը կը դողան Ու ամենուն երեսները գոյներնին կը նետեն։ Ո՞ւր է առիւծներուն բնակարանը Եւ առոյգ առիւծներուն արօտը։ Արու առիւծը, մատակ առիւծը Ու առիւծին կորիւնը ո՞ւր կը պտըտէին։ Զանոնք վախցնող չկայ։ Առիւծը իր կորիւններուն բաւական եղածին չափ կը պատառէր Ու իր մատակ առիւծներուն համար կը խեղդէր։ Իր մորիները՝ որսով, Իր բնակարանները յափշտակութեամբ կը լեցնէր։ «Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Եւ քու կառքերդ պիտի այրեմ ու ծուխի պիտի դարձնեմ ։ Սուրը պիտի ուտէ քու առոյգ առիւծներդ։ Քու որսդ երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ Եւ քու դեսպաններուդ ձայնը անգամ մըն ալ պիտի չլսուի»։ Վա՜յ արիւններու քաղաքին Որ բոլորովին ստութեամբ ու յափշտակութեամբ լեցուն է։ Հոն որսը պակաս չէ։ Ահա խարազանին ձայնը, Անիւին շարժման ձայնը, Սրընթաց ձիուն ու ցնցուող կառքին շաչիւնը ։ Ձիաւորը կը վերցնէ փայլուն սուրը ու շողշողուն նիզակը՝ ՝ Եւ շատ վիրաւորներ ու խիստ շատ մեռելներ կ’ըլլան։ Դիակները անթիւ են, անոնք դիակներուն վրայ կը գլորին Պոռնիկին պոռնկութիւններուն շատութեանը համար, Որ խիստ շնորհալի ու կախարդութիւններու տէր ըլլալով՝ Իր պոռնկութիւններովը՝ ազգեր Եւ իր կախարդութիւններովը ազգատոհմեր կը ծախէր։ «Ահա ես քեզի դէմ եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Քու երեսիդ դէմ քու քղանցքդ պիտի բանամ, Քու մերկութիւնդ՝ ազգերուն, Քու անարգանքդ թագաւորներուն պիտի ցուցնեմ։ Քու վրադ պղծութիւններ պիտի նետեմ, Քեզ խայտառակ պիտի ընեմ, Քեզ իբր օրինակ պիտի դնեմ»։ Ամէն քեզ տեսնող Քեզմէ պիտի փախչի ու պիտի ըսէ. ‘Նինուէն աւերակ եղաւ, Անոր վրայ ո՞վ պիտի ողբայ’։ Քեզի ուրկէ՞ մխիթարիչ փնտռեմ։ Միթէ դուն Նով-Ամոնէն աղէ՞կ ես, Որ գետերուն քով կը բնակէր Ու ջուրերով շրջապատուած էր, Ծովը անոր խրամն էր, Ջուրը անոր պարիսպն էր։ Անոր զօրութիւնը՝ Եթովպիա ու Եգիպտոս էին Ու ծայր չունէր։ Փուդացիներն ու Լիբէացիները քեզի օգնական էին։ Անիկա ալ աքսորուեցաւ ու գերութեան գնաց, Անոր տղաքներն անգամ ամէն ճամբու գլուխ գետինը զարնուեցան, Անոր պատուական մարդոց վրայ վիճակ ձգեցին։ Անոր բոլոր մեծամեծները շղթաներով կապուեցան։ Դուն ալ պիտի գինովնաս ու անյայտ ըլլաս, Դուն ալ թշնամիէն պահուելու տեղ պիտի փնտռես։ Քու բոլոր բերդերդ կանխահաս պտուղներ ունեցող թզենիներու պէս պիտի ըլլան, Որոնք երբ թօթուեն, ուտողին բերանը կ’իյնան։ Ահա քու ժողովուրդդ քու մէջդ կիներու պէս պիտի ըլլան, Քու երկրիդ դռները անշուշտ քու թշնամիներուդ առջեւ պիտի բացուին, Կրակը պիտի ուտէ քու նիգերդ։ Պաշարումի համար քեզի ջուրեր քաշէ՛, Բերդերդ ամրացո՛ւր. Ցեխի մէջ մտի՛ր ու կաւը կոխէ՛ Եւ աղիւսին փուռը նորոգէ՛։ Հոն կրակը քեզ պիտի ուտէ, Սուրը քեզ պիտի կտրտէ, Ջորեակի պէս քեզ պիտի հատցնէ, ուստի Քեզ ջորեակի պէս շատցուր, Քեզ մարախի պէս շատցուր։ Քու վաճառականներդ երկնքի աստղերէն աւելի շատցուցիր. Ջորեակը տարածեց իր թեւերը, ետքը թռաւ։ Քու թագակիրներդ մարախի պէս, Զօրավարներդ անթիւ մարախներու պէս են, Որոնք ցուրտ օրը ցանկերու վրայ կը հանգչին. Երբ արեւը ծագի՝ կը չուեն Ու անոնց ո՛ւր ըլլալը չի գիտցուիր։ Քու հովիւներդ կը քնանան, ո՛վ Ասորեստանի թագաւոր, Քու ազնուականներդ կը պառկին, Քու ժողովուրդդ լեռներու վրայ ցրուեցան Ու մէկը չկայ որ զանոնք հաւաքէ։ Քու կոտրուածքիդ ճար չկայ, Քու վէրքդ անդարմանելի է. Ամէն անոնք որ քու լուրդ կը լսեն՝ քեզի համար ծափ կը զարնեն, Քանզի քու չարութիւնդ որո՞ւ վրայ եկած չէ։ Ամբակում մարգարէին յայտնուած պատգամը։ Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես Եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես։ Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես Եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես։ Իմ առջեւս յափշտակութիւն եւ զրկանք կայ Եւ դատ ու վէճ հանող կայ։ Անոր համար օրէնքը կը խափանուի Ու իրաւունքը չի գործադրուիր, Քանի որ անօրէնը արդարը կը շրջապատէ, Այս պատճառով դատաստանը ծուռ կ’ըլլայ։ Ազգերուն նայեցէ՛ք ու տեսէ՛ք Եւ զարմանալով ապշեցէ՛ք, Վասն զի ձեր օրերուն մէջ այնպիսի գործ մը պիտի կատարեմ, Որ եթէ ձեզի պատմուի, պիտի չհաւատաք։ Քանզի ահա ես պիտի արթնցնեմ Քաղդէացիները, Այն դառն ու արագընթաց ազգը, Որ իրենը չեղող բնակութիւններուն տիրելու համար՝ Ամբողջ երկիրը կը պտըտի։ Անիկա սոսկալի եւ ահարկու է, Անոր դատաստանն ու իշխանութիւնը իրեն կը պատկանին։ Անոր ձիերը ինձերէն աւելի արագաշարժ են Ու գայլերէն աւելի կատաղի։ Անոր ձիաւորները պիտի ցատկեն, Անոր ձիաւորները հեռուէն պիտի գան, Կերակուրի վրայ սուրացող արծիւի պէս պիտի թռչին։ Անոնք զրկանքի համար պիտի գան, Գունդերուն երեսները դէպի յառաջ պիտի ըլլան Ու աւազի պէս գերիներ պիտի հաւաքեն։ Անիկա թագաւորները ծաղր պիտի ընէ, Իշխանները անոր խաղալիկ պիտի ըլլան։ Անիկա ամէն պարսպի վրայ պիտի խնդայ, Վասն զի հող պիտի դիզէ ու զանիկա պիտի առնէ։ Այն ատեն անոր միտքը պիտի փոխուի ու պիտի հպարտանայ Եւ իր զօրութիւնը իր աստուծոյն սեպելով ՝ յանցաւոր պիտի ըլլայ։ Միթէ դուն յաւիտենական չե՞ս, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս, իմ Սուրբս։ Պիտի չմեռնինք։ Ո՜վ Տէր, զանիկա դատաստանի համար որոշեցիր։ Ո՜վ Վէմ, զանիկա յանդիմանելու համար հաստատեցիր։ Դո՛ւն, որուն աչքերը չարութիւն տեսնելէն մաքուր են Ու անիրաւութեան նայելու կարող չեն, Նենգաւորներուն ինչո՞ւ կը նայիս, Երբ ամբարիշտը իրմէ արդարը կը կլլէ ինչո՞ւ կը լռես։ Մարդը ծովու ձուկերու պէս կ’ընես, Սողուններու պէս՝ որոնք իրենց վրայ տիրող չունին։ Անոնց ամէնքը կարթով կը հանէ։ Զանոնք իր ուռկանովը կը բռնէ։ Զանոնք իր ցանցովը կը հաւաքէ, Անոր համար կ’ուրախանայ ու կը ցնծայ։ Անոր համար իր ուռկանին զոհ կը մատուցանէ Ու իր ցանցին խունկ կը ծխէ, Վասն զի անոնցմով իր բաժինը՝ գէր Ու իր կերակուրը պարարտ կ’ըլլայ։ Արդեօք այս պատճառով իր ուռկանը պիտի պարպէ՞ Ու ազգերը կոտորելէն պիտի չդադարի՞։ Իմ պահպանութեանս տեղը պիտի կենամ Ու պարսպին վրայ պիտի կայնիմ։ Պիտի սպասեմ, որ տեսնեմ թէ ինծի հետ ի՞նչ պիտի խօսի Եւ թէ իմ կրած յանդիմանութեանս համար ի՛նչ պատասխան պիտի տամ։ Տէրը ինծի պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տեսիլքը գրէ՛ ու տախտակներու վրայ յայտնի նշանակէ, Որպէս զի զանիկա կարդացողը համարձակ կարդայ՝ ՝։ Քանզի տեսիլքը որոշուած ժամանակի համար է, Բայց դէպի վախճանը կ’արտորայ եւ սուտ պիտի չելլէ. Եթէ ուշանայ՝ անոր սպասէ, Քանզի անշուշտ պիտի գայ, ետ պիտի չմնայ։ Ահա հպարտ մարդուն հոգին իր ներսիդին ուղիղ չէ, Բայց արդարը իր հաւատքովը պիտի ապրի։ Գինին կը կատղեցնէ, Հպարտ մարդը հանդարտ չի կենար, Քանզի իր հոգին գերեզմանի պէս կը լայնցնէ Ու մահուան պէս ըլլալով՝ չի կշտանար։ Հապա բոլոր ազգերը իրեն կը հաւաքէ Ու բոլոր ժողովուրդները իր քով կը գումարէ։ Միթէ անոնք բոլորը ծաղրանքի առարկայ պիտի չըլլա՞ն Ու անոր համար ծաղրական խօսքեր պիտի չըսե՞ն։ «Վա՜յ անոր, որ իրենը չեղածը կը շատցնէ (Մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւէ ) Ու իր վրայ գրաւներ կը բեռցնէ»։ Միթէ յանկարծ քեզ խածնողներ պիտի չելլե՞ն, Քեզի նեղութիւն տուողներ պիտի չարթննա՞ն, Դուն անոնց աւար պիտի չըլլա՞ս։ Որովհետեւ դուն շատ ազգեր կողոպտեցիր, Քեզ ալ ժողովուրդներուն բոլոր մնացորդները պիտի կողոպտեն՝ Մարդոց արիւններուն Ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար։ Վա՜յ անոր, որ իր տանը համար ագահութեամբ կը վաստկի, Որպէս զի իր բոյնը բարձր տեղ դնէ, Չարին ձեռքէն ազատելու համար։ Շատ ժողովուրդներ կոտորելով Քու տանդ վրայ անարգանք բերիր Եւ քու հոգիիդ դէմ մեղք գործեցիր։ Քանզի քարը պատէն պիտի աղաղակէ Ու գերանը շէնքին փայտերուն մէջէն պատասխան պիտի տայ անոր։ Վա՜յ անոր, որ արիւններով քաղաք կը շինէ Ու անիրաւութեամբ աւան կը հաստատէ։ Ահա ասիկա զօրքերու Տէրոջմէն չէ՞, Որ ժողովուրդները կրակի համար կ’աշխատին Ու ազգերը պարապ տեղ կը յոգնին։ Քանզի երկիրը Տէրոջը փառքին գիտութիւնովը պիտի լեցուի, Ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն։ Վա՜յ քեզի, որ քու ընկերիդ գինի կը խմցնես, Եւ արբեցուցիչ ըմպելին՝ ՝ առատ կը բաշխես, Որ ուրիշներն ալ գինովցնես, Որպէս զի անոնց մերկութիւնը տեսնես։ Փառքէն աւելի ամօթով կշտացար, Դուն ալ խմէ՛ ու մերկացի՛ր։ Տէրոջը աջ ձեռքին բաժակը քեզի պիտի դառնայ Եւ քու փառքիդ վրայ անարգանք պիտի գայ ։ Քանզի Լիբանանի զրկանքը քեզ պիտի ծածկէ։ Գազաններուն յափշտակութիւնը պիտի վախցնէ՝ Մարդոց արիւններուն Ու երկրին, քաղաքին եւ բոլոր անոր մէջ բնակողներուն զրկանքին համար։ Ի՞նչ օգուտ ունի արհեստագէտին քանդակած կուռքը, Ձուլածոյ կուռքը եւ ստութիւն սորվեցնողը, Որ շինողը իր շինած բանին ապաւինի, Երբ համր կուռքեր կը շինէ։ Վա՜յ անոր, որ փայտին կ’ըսէ՝ ‘Արթնցի՛ր’ Եւ համր քարին՝ ‘Ելի՛ր’. Միթէ անիկա բան մը պիտի սորվեցնէ՞. Ահա անիկա ոսկիով ու արծաթով պատուած է Եւ անոր մէջ ամենեւին հոգի չկայ։ Սակայն Տէրը իր սուրբ տաճարին մէջ է. Անոր երեսին առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ երկիր։ Շիկիօնօթի վրայ, Ամբակում մարգարէին աղօթքը։ Ո՛վ Տէր, քու լուրդ լսեցի ու վախցայ։ Քու գործդ տարիներու մէջ նորոգէ՛, ո՛վ Տէր, Տարիներու մէջ գիտցուր, Բարկութեան մէջ ողորմութիւն յիշէ՛։ Աստուած Թեմանէն եկաւ Ու Սուրբը՝ Փառան լեռնէն (Սէլա)։ Անոր փառքը երկինքը ծածկեց, Երկիր անոր գովութիւնովը լեցուեցաւ։ Եւ անոր պայծառութիւնը լոյսի պէս էր. Անոր ձեռքէն ճառագայթներ կ’ելլէին, Անոր զօրութեանը ծածկոյթը հոն էր։ Անոր առջեւէն ժանտախտը կ’երթար Եւ անոր ոտքերուն ետեւէն՝ հրատագնապ տենդը՝ ՝ կ’ելլէր։ Անիկա կայնեցաւ ու երկիրը չափեց, Նայեցաւ ու ազգերը դողացուց։ Յաւիտենական լեռները փշրուեցան Եւ վաղեմի բլուրները խոնարհեցան։ Անիկա յաւիտենական ճամբաներ ունի։ Քուշանին վրանները նեղութեան տակ տեսայ, Մադիամի երկրին վրանները դողացին։ Միթէ գետերուն բարկացա՞ւ Տէրը, Քու սրտմտութիւնդ գետերուն վրա՞յ էր, Բարկութիւնդ ծովուն վրա՞յ էր, Որ քու ձիերդ ու փրկութեան կառքերդ հեծար։ Քու աղեղդ բոլորովին մերկացաւ, Իսրայէլի ցեղերուն ըրած երդումներուդ ու քու խօսքիդ պէս (Սէլա). Երկիրը գետերով պատռեցիր։ Լեռները քեզ տեսան ու դողացին, Հեղեղը անցաւ, Անդունդը իր ձայնը տուաւ Ու ձեռքերը վեր վերցուց։ Արեւն ու լուսինը իրենց կարգին մէջ կայնեցան, Անոնք քու նետերուդ լոյսովը Եւ քու շողշողուն նիզակիդ պայծառութիւնովը քալեցին։ Երկրին վրայ սրտմտութեամբ պտըտեցար Ու բարկութեամբ ազգերը կոխեցիր։ Քու ժողովուրդիդ՝ փրկութեանը համար, Քու օծեալիդ փրկութեանը համար ելար. Անօրէնին տանը գլուխը ճզմեցիր՝ Հիմը մինչեւ պարանոցը բանալով (Սէլա)։ Իրենց գաւազաններովը իրենց գլխաւորներուն գլուխը խորտակեցիր, Զիս ցրուելու համար փոթորիկի պէս ելան, Անոնց ուրախութիւնը տնանկը գաղտուկ ուտելու պէս էր։ Քու ձիերովդ՝ ծովուն վրայ, Շատ ջուրերուն խռովութեանը վրայ քալեցիր։ Լսեցի ու սիրտս սարսափեցաւ, Ձայնէն շրթունքներս դողացին։ Ոսկորներուս մէջ փտտութիւն մտաւ Ու եղած տեղս սարսափեցայ։ Հանգստութեամբ սպասեցի նեղութեան օրուան, Երբ ան ելլէ իր գունդերովը յարձակի իմ ժողովուրդիս վրայ։ Թէեւ թզենին ընձիւղ չտայ, Որթատունկերուն վրայ պտուղ չըլլայ, Ձիթենիին բերքը ստէ, Արտերը կերակուր չտան, Փարախէն ոչխարը պակսի, Գոմերուն մէջ արջառ չըլլայ, Սակայն ես Տէրոջմով պիտի ցնծամ, Իմ փրկութեանս Աստուծմովը պիտի ուրախանամ։ Տէր Եհովան իմ զօրութիւնս է, Որ իմ ոտքերս եղնիկի ոտքերուն պէս պիտի ընէ Եւ զիս իմ բարձր տեղերուս վրայ պիտի պտըտցնէ։ Գլխաւոր երաժշտին՝ իմ նուագած նուագարաններուս վրայ։ Տէրոջը խօսքը, որ Եզեկիայի որդիին Ամարիայի որդիին Գոդողիայի որդիին Քուսիի որդիին Սոփոնիային եղաւ՝ Յուդայի թագաւորին Ամոնի որդիին Յովսիային օրերը։ «Երկրին երեսէն ամէն բան բոլորովին պիտի կորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Մարդն ու անասունը պիտի կորսնցնեմ, Երկնքի թռչուններն ու ծովուն ձուկերը Եւ գայթակղութիւնները ամբարիշտներուն հետ պիտի կորսնցնեմ, Երկրի երեսէն մարդը պիտի բնաջնջեմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Իմ ձեռքս Յուդայի վրայ, Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն վրայ պիտի երկնցնեմ. Այս տեղէն բնաջինջ պիտի ընեմ Բահաղին մնացորդը, Քուրմերուն անունը՝ քահանաներուն հետ, Տանիքներու վրայ երկնքի զօրքերուն երկրպագութիւն ընողները Երկրպագութիւն ընելով Տէրոջմով երդում ընողները, Մեղքոմով երդում ընողները, Տէրոջմէ ետ դարձողները ու Տէրը չփնտռողները Եւ զանիկա չխնդրողները»։ Տէր Եհովային առջեւ լուռ կեցի՛ր, Քանզի Տէրոջը օրը մօտ է, Քանզի Տէրը զոհ պատրաստեց, իր կոչնականները հրաւիրեց։ Եւ Տէրոջը զոհին օրը Իշխաններն ու թագաւորին տղաքները Ու բոլոր օտար զգեստ հագնողները պիտի պատժեմ։ Այն օրը սեմին վրայէն բոլոր ցատկողները, Իրենց Տէրոջը տունը զրկանքով ու նենգութեամբ լեցնողները պիտի պատժեմ»։ «Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Ձուկերու դռնէն աղաղակի ձայն Եւ Մասենայէն՝ հեծութիւն Ու բլուրներէն մեծ կոտորած պիտի ըլլայ։ Ողբացէ՛ք ո՛վ Մաքթէսի բնակիչներ, Քանզի բոլոր վաճառական ժողովուրդը կորսուեցաւ, Բոլոր արծաթ բերողները կոտորուեցան։ Այն ժամանակ Երուսաղէմը ճրագներով պիտի քննեմ Ու գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ, Որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝ ‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’։ Անոնց ստացուածքը՝ աւար, Անոնց տուները աւերակ պիտի ըլլան։ Տուներ պիտի շինեն, բայց անոնց մէջ պիտի չբնակին, Այգիներ պիտի տնկեն, բայց անոնց գինին պիտի չխմեն»։ Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ։ Տէրոջը օրուան ձայնը կու գայ, Զօրաւորը հոն դառնապէս պիտի աղաղակէ։ Այն օրը բարկութեան օր է. Նեղութեան ու տառապանքի օր, Կործանումի ու աւերումի օր, Խաւարի ու մէգի օր, Ամպի ու մառախուղի օր է։ Պարսպապատ քաղաքներու դէմ Եւ բարձր աշտարակներու դէմ փողի ու աղաղակի օր է։ Մարդիկ նեղութեան մէջ պիտի ձգեմ Կոյրերու պէս պիտի պտըտին, Քանզի Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին։ Անոնց արիւնը՝ փոշիի պէս Ու մարմինները աղբի պէս պիտի թափուին։ Տէրոջը բարկութեան օրը Անոնց արծաթն ու ոսկին անգամ Զանոնք ազատելու կարող պիտի չըլլան։ Բոլոր երկիրը անոր նախանձին կրակովը պիտի սպառի, Քանզի անիկա խիստ շուտով երկրի բոլոր բնակիչները պիտի հատցնէ։ Քննեցէ՛ք ձեր անձերը, քննեցէ՛ք՝ ՝, Ո՛վ չամչցող ազգ, Դեռ մղեղի պէս մէկ կողմ չքշուած, Դեռ Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ձեր վրայ չեկած, Դեռ Տէրոջը բարկութեան օրը ձեր վրայ չհասած Տէրը փնտռեցէ՛ք, ո՛վ երկրի բոլոր խոնարհներ։ Դուք որ անոր օրէնքը կը գործադրէք, Արդարութի՛ւն փնտռեցէք, խոնարհութի՛ւն փնտռեցէք, Թերեւս Տէրոջը բարկութեան օրը ծածկուիք։ Քանզի Գազանը պիտի լքուի, Ասկաղոնը պիտի ամայանայ, Ազովտոսը կէսօրուան ատեն պիտի վռնտուի Եւ Ակկարոնը արմատէն պիտի խլուի։ Վա՜յ ծովեզերքը բնակողներուն, Քերեթիներու ազգին։ Ո՛վ Քանան, Փղշտացիներու երկիր, Տէրոջը խօսքը քեզի դէմ է, Քեզ ալ պիտի աւերեմ, այնպէս որ բնակիչ չունենաս։ Ծովեզերքը հովիւներու բնակարաններ ու աւազաններ՝ ՝ Ու հօտերու փարախներ պիտի ըլլան։ Ծովեզերքը Յուդային տանը մնացորդին պիտի ըլլայ։ Հոն պիտի արածին։ Իրիկունը Ասկաղոնին տուներուն մէջ պիտի պառկին, Քանզի անոնց Տէր Աստուածը անոնց այցելութիւն պիտի ընէ Եւ զանոնք գերութենէ պիտի դարձնէ։ Մովաբին նախատինքը Ու Ամմոնին որդիներուն հայհոյութիւնները լսեցի, Որոնք իմ ժողովուրդս նախատեցին Ու անոնց սահմանին դէմ հպարտացան։ Անոր համար Իսրայէլին Աստուածը՝ զօրքերու Տէրը՝ այսպէս կ’ըսէ. «Կենդանի եմ ես, որ Մովաբը Սոդոմին պէս Ու Ամմոնին որդիները Գոմորին պէս Եղիճներու կալուածք, աղի հանք Ու յաւիտենապէս ամայի պիտի ըլլայ։ Իմ ժողովուրդիս մնացորդը զանոնք պիտի յափշտակէ Ու իմ ազգիս մնացորդները զանոնք պիտի ժառանգեն։ Ասիկա անոնց հպարտութեանը համար պիտի ըլլայ, Քանզի անոնք զօրքերու Տէրոջը ժողովուրդը նախատեցին Ու անոր դէմ հպարտացան։ Տէրը անոնց վրայ ահարկու պիտի ըլլայ, Քանզի անիկա երկրի բոլոր աստուածները բնաջինջ պիտի ընէ Եւ ազգերու բոլոր կղզիները, Ամէն մէկը իր տեղը, երկրպագութիւն պիտի ընեն իրեն։ Դո՛ւք ալ, ո՛վ Եթովպիացիներ, Իմ սուրովս պիտի սպաննուիք։ Անիկա իր ձեռքը հիւսիսին վրայ պիտի երկնցնէ Ու Ասորեստանցին պիտի կորսնցնէ Եւ Նինուէն աւերակի Ու անապատի պէս չոր երկրի պիտի վերածէ Եւ անոր մէջ հօտեր, Ազգերու բոլոր գազանները պիտի պառկին։ Հաւալուսն ու ոզնին ալ Անոր խոյակներուն մէջտեղերը գիշերը պիտի անցընեն։ Պատուհաններէն ձայն պիտի լսուի, Սեմերուն մէջ աւերում պիտի ըլլայ, Քանզի եղեւնափայտը պիտի քակուի։ Զբօսասէր քաղաքը ասիկա է, որ ապահովութեամբ կը բնակէր. Որ իր սրտին մէջ կ’ըսէր թէ ‘Ես եմ ու ինծմէ զատ ուրիշ մէկը չկայ’, Ի՜նչպէս աւերակ ու գազաններու որջ եղաւ։ Անկէ ամէն անցնող պիտի սուլէ ու ձեռքը պիտի շարժէ։ Վա՜յ ապստամբ ու պիղծ քաղաքին, Հարստահարութիւն ընող քաղաքին։ Խօսք մտիկ չըրաւ, խրատ չընդունեց, Տէրոջը չապաւինեցաւ, իր Աստուծոյն չմօտեցաւ։ Անոր իշխանները անոր մէջ մռնչող առիւծներ են, Անոր դատաւորները երեկոյեան գայլեր են, Որոնք մինչեւ առտու բան մը չեն թողուր։ Անոր մարգարէները սնապարծ ու նենգաւոր մարդիկ են, Անոր քահանաները սրբարանը պղծեցին Ու օրէնքը բռնադատեցին։ Արդար Տէրը անոր մէջ է, Անիկա անօրէնութիւն չի գործեր. Առաւօտէ առաւօտ իր իրաւունքը կը ցուցադրէ ու ետ չի մնար, Բայց անիրաւը ամչնալ չի գիտեր։ «Ազգերը բնաջինջ ըրի, Անոնց աշտարակները կործանուեցան։ Անոնց փողոցները աւերեցի, Որպէս զի անոնցմէ անցնող չըլլայ։ Անոնց քաղաքները ամայացան, Անմարդ ու անբնակ եղան։ Ըսի թէ ‘Դուն անշուշտ ինծմէ պիտի վախնաս Ու խրատ պիտի ընդունիս’։ Անոր բնակարանը բնաջինջ պիտի ըլլայ, Որչափ որ սահմանած էի, Սակայն անոնք կանուխ ելան Ու իրենց բոլոր գործերը ապականեցին»։ «Ուրեմն ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։ Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել, Թագաւորութիւնները գումարել, Որպէս զի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, Իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ. Քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի։ Վասն զի այն ժամանակ ժողովուրդներուն շրթունքները Մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ, Որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն Ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն ընեն։ Եթովպիայի գետերուն անդիի կողմէն Ինծի աղերսողները, իմ ցրուածներուս աղջիկը, Ինծի պատարագ պիտի մատուցանեն։ «Այն օրը պիտի չամչնաս քու այն բոլոր գործերուդ համար, Որոնցմով ինծի դէմ ապստամբեցար։ Քանզի այն ատեն քու հպարտութիւնովդ զուարճացողները քու մէջէդ պիտի վերցնեմ Ու անգամ մըն ալ իմ սուրբ լերանս վրայ պիտի չգոռոզանան։ Քու մէջդ խոնարհ ու աղքատ ժողովուրդ մը իբր մնացորդ պիտի թողում, Որոնք Տէրոջը անուանը պիտի յուսան։ Իսրայէլին մնացորդները անօրէնութիւն պիտի չընեն Ու սուտ պիտի չխօսին, Անոնց բերնին մէջ նենգաւոր լեզու պիտի չգտնուի. Քանզի անոնք պիտի արածին ու պիտի պառկին Ու վախցնող պիտի չըլլայ»։ Ցնծա՛, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Բարձրաձայն աղաղակէ՛, ո՛վ Իսրայէլի, Բոլոր սրտով ուրախ եւ զուարթ եղի՛ր, Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ։ Տէրը քու դատապարտութիւնդ հեռացուց քեզմէ, Քու թշնամիդ վռնտեց. Իսրայէլի թագաւորը՝ Տէրը՝ քու մէջդ է, Անգամ մըն ալ չարիք պիտի չտեսնես։ Այն օրը Երուսաղէմին պիտի ըսուի՝ ‘Մի՛ վախնար’ Ու Սիօնին՝ ‘Ձեռքերդ թող չթուլնան’։ Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, Անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ Ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ Եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ։ « Հանդիսաւոր օրուան մը նման քեզմէ ցրուածները պիտի հաւաքեմ Ու նախատինքը քեզմէ պիտի հեռացնեմ։ Ահա ես այն ժամանակ բոլոր քեզ նեղողները պիտի սպառեմ։ Կաղը պիտի ազատեմ ու վռնտուածը պիտի հաւաքեմ։ Զանոնք գովելի ու անուանի պիտի ընեմ Այն բոլոր երկիրներուն մէջ ուր նախատինք կրեր էին։ Այն ատեն ձեզ ետ պիտի բերեմ, Այն ատեն ձեզ պիտի հաւաքեմ Եւ երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ ձեզ անուանի ու գովելի պիտի ընեմ, Երբ ձեր գերութիւնը ձեր աչքերուն առջեւ դադրեցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարուան վեցերորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը Անգէ մարգարէին միջոցով Յուդայի իշխանին Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուին եղաւ՝ ըսելով, Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ. «Այս ժողովուրդը կ’ըսէ թէ դեռ ժամանակը չէ հասած, Տէրոջը տունը վերաշինելու»։ Այն ատեն Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով. «Արդեօք ժամանա՞կն է, որ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, Իսկ այս տունը աւերակ մնայ»։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք։ Շատ ցանեցիք, բայց քիչ բերիք։ Կերաք, բայց չկշտացաք։ Խմեցիք, բայց ծարաւնիդ չանցուցիք։ Հագուեցաք, բայց չտաքցաք Ու վարձքով բանողը ծակ քսակի համար կը վաստկի»։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք։ Լեռը ելէ՛ք, փայտ բերէ՛ք Ու տունը շինեցէ՛ք եւ անոր պիտի հաճիմ Ու պիտի փառաւորուիմ։ Շատին սպասեցիք, բայց քիչը եկաւ. Երբ ձեր տուները բերիք, անոնց վրայ փչեցի։ Ինչո՞ւ համար» կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Իմ տանս համար, որ աւերակ է, Մինչ ձեզմէ ամէն մէկը իր տունով կը զբաղի։ Անոր համար երկինք ձեզի իր ցօղը կը զլանայ, Երկիրն ալ իր պտուղը չի տար։ Ես երկրին վրայ ու լեռներուն վրայ, Ցորենին վրայ ու գինիին վրայ ու իւղին վրայ, Գետնի բերքերուն վրայ, Մարդոց վրայ ու անասուններուն վրայ, Ձեռքերու բոլոր վաստակին վրայ երաշտութիւն բերի»։ Այն ատեն Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլն ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուն եւ ժողովուրդին բոլոր մնացորդը հնազանդեցան իրենց Տէր Աստուծոյն ձայնին ու Անգէ մարգարէին խօսքերուն, ինչպէս իրենց Տէր Աստուածը զանիկա ղրկեր էր ու ժողովուրդը Տէրոջը երեսէն փախաւ։ Տէրոջը դեսպանը՝ Անգէն՝ Տէրոջը ըսած պատգամները ժողովուրդին հաղորդեց ու ըսաւ. «Ես ձեզի հետ եմ», կ’ըսէ Տէրը։ Տէրը Յուդայի իշխան Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին հոգին ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուին հոգին եւ ժողովուրդին բոլոր մնացորդին հոգին արթնցուց, որոնք գացին եւ իրենց Աստուծոյն, զօրքերուն Տէրոջը, տանը մէջ աշխատեցան, Դարեհ թագաւորին երկրորդ տարուան վեցերորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրը։ Եօթներորդ ամսուան քսանըմէկերորդ օրը Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով. «Հիմա Յուդայի իշխան Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլին ու մեծ քահանայ Յովսեդեկեան Յեսուին եւ ժողովուրդին մնացորդին խօսէ՛ ու ըսէ՛. «Ձեր մէջ ո՞վ այս տունը իր նախկին փառաւորութիւնովը տեսած է։ Հիմա զանիկա ի՞նչպէս կը տեսնէք։ Միթէ ասիկա հինին քով ոչինչ բանի մը պէս չէ՞ ձեր աչքերուն առջեւ»։ «Բայց արդ՝ զօրացի՛ր, ո՛վ Զօրաբաբէլ, կ’ըսէ Տէրը Եւ ո՛վ Յովսեդեկեան Յեսու՝ մեծ քահանայ՝ զօրացի՛ր Ու դո՛ւք, ո՛վ երկրին բոլոր ժողովուրդը, Զօրացէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը ու աշխատեցէ՛ք. Քանզի ես ձեզի հետ եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Ինչպէս ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը ձեզի խոստացայ, Որ իմ Հոգիս ձեր մէջ կենայ. մի՛ վախնաք։ «Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու երկիրը, Ծովն ու ցամաքը, Բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ։ Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան Եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ։ Արծաթը իմս է ու ոսկին իմս է, Որով վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ», «Այս տեղը խաղաղութիւն պիտի տամ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Դարեհի երկրորդ տարուան իններորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրը Անգէ մարգարէին միջոցով Տէրոջը խօսքը եղաւ՝ ըսելով, Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Հիմա օրէնքին վրայով հարցում ըրէ քահանաներուն ու ըսէ՛. ‘Եթէ մարդ մը իր հանդերձին քղանցքովը սուրբ միս վերցնէ ու քղանցքովը հացի կամ ապուրի կամ գինիի կամ իւղի կամ ինչեւիցէ կերակուրի դպչի, անիկա սուրբ կ’ըլլա՞յ’»։ Քահանաները պատասխան տուին ու ըսին. «Ո՛չ»։ Անգէ ըսաւ. «Եթէ մեռելէ պղծուած մը ասոնցմէ մէկուն դպչելու ըլլայ, կը պղծուի՞»։ Քահանաները պատասխան տուին ու ըսին. «Կը պղծուի»։ Անգէ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այսպէս է այս ժողովուրդը, Այսպէս է այս ազգը իմ առջեւս, կ’ըսէ Տէրը, Այսպէս է իրենց ձեռքերուն բոլոր գործը. Ինչ որ կը մատուցանեն՝ պիղծ է»։ «Ուրեմն հիմա այս օրէն առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք, Երբ դեռ Տէրոջը տաճարին մէջ քար քարի վրայ դրուած չէր։ Այն ատեն երբ մէկը քսան քոռ ցորենի դէզին քով երթար, Տասը քոռ կը գտնուէր Ու երբ իր գինիի աւազանին քով երթար հնձանէն յիսուն մար հանելու, Քսան մար կը գտնուէր։ Ձեզ ու ձեր ձեռքերուն բոլոր գործը Խորշակահարութեամբ եւ դալուկով ու կարկուտով զարկի, Սակայն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։ «Հիմա այս օրէն առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք. Տէրոջը տաճարին հիմնարկութեան օրէն, Իններորդ ամսուան քսանըչորրորդ օրէն, առաջ եղածին վրայ մտածեցէ՛ք։ Հունտը տակաւին ամբարին մէ՞ջ է Եւ որթատունկն ու թզենին եւ նռնենին ու ձիթենին Դեռ պտուղ չտուի՞ն։ Այս օրէն սկսեալ պիտի օրհնեմ»։ Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Անգէին եղաւ ամսուան քսանըչորրորդ օրը ՝ ըսելով. Յուդայի իշխանին Զօրաբաբէլին խօսէ՛ ու ըսէ՛. «Ես երկինքն ու երկիրը պիտի շարժեմ, Թագաւորութիւններու աթոռները տակնուվրայ պիտի ընեմ, Ազգերու թագաւորութիւններուն զօրութիւնը պիտի կորսնցնեմ, Կառքն ու անոր հեծեալները տակնուվրայ պիտի ընեմ։ Ձիերն ու անոնց հեծեալները պիտի իյնան Իւրաքանչիւրը իր եղբօրը սուրովը»։ «Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Քեզ պիտի առնեմ, ո՛վ Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ, իմ ծառաս, Քեզ կնիքի պէս պիտի դնեմ, Քանզի քեզ ընտրեր եմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Դարեհի երկրորդ տարուան ութերորդ ամիսը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդիին Բարաքիայի որդիին Զաքարիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով. «Տէրը ձեր հայրերուն խիստ բարկացաւ։ Անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ինծի դարձէ՛ք Ու ես ձեզի պիտի դառնամ, Ձեր հայրերուն պէս մի՛ ըլլաք, Որոնց առաջուան մարգարէները կոչ կ’ուղղէին՝ ըսելով. ‘Ձեր չար ճամբաներէն ու չար գործերէն դարձէք’, Բայց անոնք մտիկ չըրին Ու ինծի ականջ չտուին։ Ձեր հայրերը ո՞ւր են Ու մարգարէները յաւիտեան կ’ապրի՞ն։ Իմ խօսքերս ու հրամաններս Որոնք իմ ծառաներուս՝ մարգարէներուն՝ պատուիրեր էի, Ձեր հայրերուն չհասա՞ն»։ Անոնք դարձան ու ըսին. ‘Զօրքերու Տէրը ինչ որ մեզի ընելու որոշեր էր Մեր ճամբաներուն ու գործերուն համեմատ, Զանիկա մեր վրայ գործադրեց’»։ Դարեհի երկրորդ տարուան, տասնըմէկերորդ ամսուան, այսինքն Սեբաթ ամսուան, քսանըչորրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը Ադդովի որդիին Բարաքիայի որդիին Զաքարիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով. «Գիշերով տեսայ թէ աշխէտ ձիու մը վրայ հեծած մարդ մը ձորին մէջ եղող մրտենիներուն մէջտեղը կայներ էր ու անոր ետեւը աշխէտ, պիսակ ու ճերմակ ձիեր կային»։ Ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը քեզի պիտի ցուցնեմ»։ Իսկ մրտենիներուն մէջ կայնող մարդը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ասոնք անոնք են՝ որոնք Տէրը ղրկեց երկիրը պտըտելու համար»։ Անոնք մրտենիներուն մէջ կայնող Տէրոջը հրեշտակին պատասխան տուին ու ըսին. «Երկիրը պտըտեցանք ու տեսանք թէ բոլոր երկիրը հանդարտ կեցեր է»։ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ. «Ո՛վ զօրքերու Տէր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չողորմիս Երուսաղէմի եւ Յուդայի քաղաքներուն, որոնց եօթանասուն տարիէ ի վեր բարկացած ես»։ Տէրը ինծի հետ խօսող հրեշտակին բարի խօսքերով ու մխիթարական խօսքերով պատասխան տուաւ։ Եւ հրեշտակն ալ ինծի ըսաւ. «Կանչէ՛ ու ըսէ՛, Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմի համար ու Սիօնի համար Չափազանց նախանձախնդիր եմ։ Խաղաղ ազգերուն խիստ շատ բարկացած եմ, Քանզի երբ ես քիչ բարկացայ, Անոնք չարութիւնը աւելցուցին’։ ‘Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Երուսաղէմին կարեկցութեամբ դարձայ’։ ‘Իմ տունս անոր մէջ պիտի շինուի Ու Երուսաղէմի վրայ լար պիտի քաշուի»’»։ Դարձեալ կանչէ՛ ու ըսէ՛, Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իմ քաղաքներս նորէն բարիքներով պիտի յորդին Եւ Տէրը նորէն Սիօնը պիտի մխիթարէ, Նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։ Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ չորս եղջիւր։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են»։ Ան ինծի ըսաւ. «Ասոնք են այն եղջիւրները, որոնք Յուդան, Իսրայէլն ու Երուսաղէմը ցրուեցին»։ Եւ Տէրը ինծի չորս դարբիններ ցուցուց։ Ես ըսի. «Ասոնք ի՞նչ պիտի ընեն»։ Անիկա խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ասոնք են այն եղջիւրները, որոնք Յուդան ցրուեցին, այնպէս որ ոեւէ մարդ չկրցաւ իր գլուխը վերցնել։ Ուստի ասոնք եկան որպէս զի զանոնք վախցնեն ու Յուդայի երկիրը ցրուելու համար եղջիւր վերցնող ազգերուն եղջիւրները վար ձգեն։ Աչքերս վերցուցի ու նայեցայ եւ տեսայ մարդ մը, որուն ձեռքին մէջ չափելու չուան մը կար։ Անոր ըսի. «Դուն ո՞ւր կ’երթաս»։ Ան ինծի ըսաւ. «Երուսաղէմը չափելու, որպէս զի լայնութիւնը՝ որչափ ու երկայնութիւնը որչափ ըլլալը ճշդեմ»։ Ահա ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ, որուն դէմը ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ Ու առաջինին ըսաւ. «Վազէ՛, այս երիտասարդին ըսէ՛. ‘Երուսաղէմ առանց պարիսպի պիտի բնակուի Մարդու եւ անասունի բազմութեանը պատճառով։ Ես անոր բոլորտիքը հրեղէն պարիսպ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ Տէրը Ու անոր մէջ իր փառքը պիտի ըլլամ’»։ «Աղէ՜, աղէ՜, հիւսիսի երկրէն փախէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի ձեզ երկնքի չորս հովերուն պէս ցրուեցի»։ «Աղէ՜, քեզ ազատէ՛, ո՛վ Սիօն, Որ Բաբելոնի աղջկան հետ կը բնակիս»։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իր փառքին ետեւէն զիս ղրկեց ձեզ կողոպտող ազգերուն, Քանզի ձեզի դպչողը անոր աչքին բիբին կը դպչի։ «Ուստի ես իմ ձեռքս անոնց վրայ պիտի շարժեմ Ու անոնք իրենց ծառաներէն պիտի կողոպտուին Ու պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ղրկեր է»։ «Ցնծա՛ եւ ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Քանզի ահա ես կու գամ Ու քու մէջդ պիտի բնակիմ», կ’ըսէ Տէրը։ «Այն օրը շատ ազգեր Տէրոջը պիտի յարին Ու ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ Ես քու մէջդ պիտի բնակիմ Ու պիտի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկեր է։ Տէրը, սուրբ երկրին մէջ Որպէս իր բաժինը Յուդան պիտի ժառանգէ Ու նորէն Երուսաղէմը պիտի ընտրէ»։ Տէրոջը առջեւ լո՛ւռ կեցիր, ո՛վ մարմին, Քանզի անիկա իր սուրբ բնակութենէն արթնցաւ։ Տէրը ինծի ցուցուց մեծ քահանան Յեսուն, որ Տէրոջը հրեշտակին առջեւ կայներ էր ու Սատանան անոր աջ կողմը կայներ էր՝ անոր դէմ դնելու համար։ Տէրը Սատանային ըսաւ. «Տէրը թող քեզ յանդիմանէ, ո՛վ Սատանայ։ Երուսաղէմը ընտրող Տէրը թող քեզ յանդիմանէ. միթէ ասիկա կրակէ հանուած խանձող չէ՞»։ Յեսու աղտոտ հանդերձներ հագեր էր ու հրեշտակին առջեւ կը կայնէր։ Հրեշտակը իր առջեւ կայնողներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Աղտոտ հանդերձները ատոր վրայէն հանեցէ՛ք»։ Անոր ալ ըսաւ. «Նայէ՛, քու անօրէնութիւնդ վրայէդ վերցուցի ու քեզի պատուական զգեստներ պիտի հագցնեմ»։ Ու ես ըսի. «Անոր գլուխը մաքուր խոյր թող դնեն»։ Անոր գլուխը մաքուր խոյր դրին ու անոր հանդերձներ հագցուցին ու Տէրոջը հրեշտակը կայներ էր։ Տէրոջը հրեշտակը Յեսուին վկայութիւն ըրաւ ու ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ իմ ճամբաներուս մէջ քալես ու իմ հրամաններս պահես, այն ատեն դուն իմ տունս պիտի կառավարես եւ իմ սրահներս պիտի պահես։ Քեզի այս ներկաներուն մէջէն գործակիցներ՝ ՝ պիտի տամ’։ Հիմա մտի՛կ ըրէք, ո՛վ Յեսու մեծ քահանայ, դուն ու քու առջեւդ նստող բարեկամներդ, քանզի անոնք իբր նշան տրուած մարդիկ են։ Վասն զի ահա ես իմ ծառաս Շառաւիղը պիտի բերեմ։ Եւ Յեսուին առջեւ դրուած քարին վրայ եօթը աչք պիտի ըլլայ։ Ես անոր վրայ արձանագրութիւն մը պիտի փորագրեմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Այն երկրին անօրէնութիւնը մէկ օրուան մէջ պիտի վերցնեմ։ Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, ձեզմէ ամէն մէկը իր դրացին իր որթատունկին ու թզենիին տակ պիտի հրաւիրէ»։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակը դարձաւ եւ զիս իր քունէն արթնցնող մարդու պէս արթնցուց։ Ու ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ու ըսի. «Կը տեսնեմ զուտ ոսկիէ աշտանակ մը։ Անոր վրայ բաժակ մը, որուն վրայ՝ եօթը ճրագ։ Անոր վրայի եօթը ճրագներուն համար եօթը խողովակ կայ։ Անոր քով երկու ձիթենի կայ, մէկը բաժակին աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը»։ Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակին հարցուցի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ով տէր իմ»։ Եւ ան ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի. ‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, Հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ ‘Դո՛ւն, ո՛վ մեծ լեռ, ո՞վ ես։ Զօրաբաբէլին առջեւ դաշտ պիտի ըլլաս։ Գլխաւոր քարը ինք պիտի հանէ՛։ Ու պիտի աղաղակեն. ‘Շնո՜րհք, շնո՜րհք անոր’։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Զօրաբաբէլին ձեռքերը հիմնեցին այս տունը, Անոր ձեռքերը պիտի լրացնեն զանիկա, Որպէս զի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկած է. Քանզի ո՞վ պզտիկ բաներուն օրը անարգեց։ Մարդիկ պիտի ուրախանան երբ տեսնեն կապարալարը Զօրաբաբէլին ձեռքին մէջ։ Այս եօթը Տէրոջը աչքերն են, որոնք բոլոր երկրի մէջ կը պտըտին»։ Անոր հարցուցի. «Աշտանակին աջ կողմը ու անոր ձախ կողմը եղող այս երկու ձիթենիները ի՞նչ են»։ Երկրորդ անգամ հարցուցի. «Երկու ոսկի խողովակներուն միջոցով իւղը իրենցմէ ոսկիի պէս թափող երկու ձիթենիի ոստերը ի՞նչ են»։ Ինծի պատասխանեց ու ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ո՛վ տէր իմ»։ Ըսաւ. «Ասոնք երկու օծեալներն են, որոնք բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կը կայնին»։ Դարձայ ու աչքերս վերցնելով տեսայ թռչող տոմս մը։ Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ըսի. «Թռչող տոմս մը կը տեսնեմ։ Երկայնութիւնը քսան կանգուն ու լայնութիւնը տասը կանգուն»։ Ինծի ըսաւ. «Ասիկա բոլոր երկրի երեսին վրայ ելլող անէծքն է, քանզի ամէն գողութիւն ընող այս կողմը գրուածին համեմատ պիտի կտրուի ու ամէն երդում ընող միւս կողմը գրուածին համեմատ պիտի կտրուի»։ «Զանիկա ե՛ս կը հանեմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, որը գողին տունը եւ իմ անունովս սուտ երդում ընողին տունը պիտի մտնէ ու անոր տանը մէջ պիտի մնայ եւ զանիկա իր փայտերովը ու քարերովը պիտի սպառէ»։ Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակը եկաւ ու ինծի ըսաւ. «Հիմա աչքերդ վերցո՛ւր ու տե՛ս թէ այս ելլողը ի՞նչ է»։ Ես ըսի. «Ի՞նչ է»։ Հրեշտակը ըսաւ. «Այս ելլողը արդու է ու բոլոր երկրի վրայ անոնց անիրաւութիւնը ասիկա է»։ Ահա կապարեայ ծածկոց մը վերցուեցաւ ու կին մը արդուին մէջ կը նստէր։ Եւ ան ըսաւ. «Այս է Չարութիւնը» ու զանիկա արդուին մէջ ձգեց եւ այն կապարեայ ծածկոցը այն արդուին բերանը ձգեց։ Աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ երկու կին ելան։ Հովը անոնց թեւերուն մէջ էր։ Անոնք արագիլի թեւերու նման թեւեր ունէին։ Անոնք արդուն երկրի ու երկնքի մէջտեղ վերցուցին։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ո՞ւր կը տանին արդուն»։ Անիկա ինծի ըսաւ. « Կը տանին, որ անոր տուն շինեն Սենաար երկրին մէջ։ Հոն պիտի հաստատուի եւ հոն իր խարսխին վրայ պիտի դրուի»։ Դարձայ ու աչքերս վերցուցի ու տեսայ թէ երկու լեռներու մէջէն չորս կառք կ’ելլէին։ Լեռները պղնձէ էին։ Առաջին կառքին աշխէտ ձիեր լծուած էին, երկրորդ կառքին՝ սեւ ձիեր, Երրորդ կառքին՝ ճերմակ ձիեր եւ չորրորդ կառքին՝ պիսակ ու գորշագոյն ձիեր։ Ինծի հետ խօսող հրեշտակին ըսի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։ Հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք երկնքի չորս հովերուն հոգիներն են, որոնք բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կայնելէն կու գան։ Սեւ ձիերը, որ այս կառքին լծուած են, հիւսիսի երկիրը կ’ելլեն։ Ճերմակները դէպի արեւմուտք կ’ելլեն ու պիսակները դէպի հարաւային երկիրը կ’ելլեն»։ Երբ երիվարները եկան, անհամբերութեամբ կ’ուզէին երթալ եւ երկրի վրայ պտըտիլ։ Անիկա ըսաւ. «Գացէ՛ք, երկրի վրայ պտըտեցէ՛ք»։ Անոնք երկրի վրայ պտըտեցան։ Անիկա ինծի աղաղակեց. «Նայէ՛, հիւսիսի երկիրը ելլողները իմ հոգիս հիւսիսային երկրին մէջ հանգչեցուցին»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Գերութենէ դարձողներէն, Հեղդայէն, Տուբիայէն ու Յեդայիայէն ա՛ռ ու նոյն օրը գնա՛ Բաբելոնէն եկող Սոփոնիայի որդիին Յովսիային տունը մտիր։ Արծաթ ու ոսկի առ ու պսակներ շինէ ու մեծ քահանային Յովսեդեկեան Յեսուին գլուխը դի՛ր Եւ անոր ըսէ՛. Զօրքերու Տէրը կը խօսի ու այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա այն մարդը, որուն անունը Շառաւիղ է. Անիկա իր տեղին մէջ պիտի բուսնի Ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինէ։ Անիկա պիտի շինէ Տէրոջը տաճարը Ու պատիւ պիտի ունենայ Եւ իր աթոռին վրայ նստելով՝ պիտի կառավարէ Ու քահանայ պիտի ըլլայ իր աթոռին վրայ Ու երկուքին մէջտեղ խաղաղութեան խորհուրդ պիտի ըլլայ’»։ «Եւ պսակները Հելէմին, Տուբիային ու Յեդայիային եւ Սոփոնիայի որդիին Հենին պիտի ըլլան՝ Տէրոջը տաճարին մէջ յիշատակ ըլլալու համար։ Եւ հեռուն եղողները պիտի գան ու Տէրոջը տաճարը պիտի շինեն եւ պիտի գիտնաք թէ զօրքերու Տէրը զիս ձեզի ղրկեր է։ Ասիկա պիտի ըլլայ՝ եթէ ուշադրութեամբ ձեր Տէր Աստուծոյն ձայնին մտիկ ընէք»։ Դարեհ թագաւորին չորրորդ տարուան, իններորդ ամսուան, այսինքն Քասղեւին չորրորդ օրը, Տէրոջը խօսքը Զաքարիային եղաւ, Երբ Սարասար ու Ռեկէմմելէք եւ անոնց մարդիկը Աստուծոյ տունը ղրկուեցան, որպէս զի Տէրոջը առջեւ աղօթք ընեն Ու զօրքերու Տէրոջը տանը մէջ եղող քահանաներուն ու մարգարէներուն խօսին ու ըսեն. «Արդեօք հինգերորդ ամսուն իմ անձս զատելով լա՞մ, ինչպէս այսչափ տարիներ ըրի»։ Այն ատեն զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Այս երկրին բոլոր ժողովուրդին ու քահանաներուն ըսէ՛. ‘Այս եօթանասուն տարին, երբ հինգերորդ ու եօթներորդ ամիս ներուն մէջ ծոմապահութիւն կ’ընէիք ու սուգ կը բռնէիք, միթէ ինծի՞ համար ծոմապահութիւն կ’ընէիք։ Ու երբ կ’ուտէիք ու կը խմէիք, ձեզի համար չէի՞ք ուտեր ու ձեզի համար չէի՞ք խմեր։ Ասոնք չե՞ն այն խօսքերը, որոնք Տէրը առաջուան մարգարէներուն միջոցով հրատարակեց, երբ Երուսաղէմ ու անոր շրջակայ քաղաքները բնակուած ու հանգիստ էին եւ հարաւային ու դաշտային կողմերը բնակուած էին’»։ Դարձեալ Տէրոջը խօսքը Զաքարիային եղաւ՝ ըսելով. «Զօրքերու Տէրը այսպէս ըսաւ. ‘Արդար դատաստան տեսէ՛ք եւ ձեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը ողորմութիւն ու գթութիւն թող ընէ։ Որբեւարին ու որբը, օտարականը եւ տնանկը մի՛ հարստահարէք։ Ոեւէ մէկը իր եղբօրը համար իր սրտին մէջ չարութիւն թող չմտածէ’»։ Բայց անոնք չուզեցին մտիկ ընել, հապա իրենց ուսը թօթուեցին եւ ականջնին ծանրացուցին, որպէս զի չլսեն Ու իրենց սիրտը ադամանդի պէս ըրին, որպէս զի չլսեն այն օրէնքն ու այն խօսքերը, որոնք զօրքերու Տէրը իր Հոգիովը առաջուան մարգարէներուն միջոցով անոնց ղրկեց։ Անոր համար զօրքերու Տէրը խիստ բարկացաւ։ «Ինչպէս անիկա կանչեց ու անոնք մտիկ չըրին, այնպէս ալ անոնք կանչեցին ու ես մտիկ չըրի», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. Հապա զանոնք իրենց անծանօթ բոլոր ազգերուն մէջ փոթորիկով ցրուեցի եւ անոնց երկրէն երթեւեկը դադրեցաւ եւ այդ ցանկալի երկիրը ամայացուցին»։ Դարձեալ զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնի համար խիստ նախանձախնդիր եղայ ու անոր համար մեծ սրտմտութիւնով նախանձեցայ’։ Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Սիօնին պիտի դառնամ ու Երուսաղէմի մէջ պիտի բնակիմ ու Երուսաղէմ՝ Ճշմարտութեան քաղաք եւ զօրքերու Տէրոջը լեռը Սուրբ պիտի կոչուի’։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմի հրապարակներուն մէջ տակաւին ծեր մարդիկ ու պառաւ կիներ պիտի նստին, որոնց ամէն մէկուն ձեռքը գաւազան մը պիտի ըլլայ, քանի որ ծերացած են։ Քաղաքին հրապարակները տղաքներով ու աղջիկներով պիտի լեցուին, որոնք անոր հրապարակներուն մէջ պիտի խաղան’։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ այն օրերը այս ժողովուրդին մնացորդին աչքերուն ասիկա դժուար երեւնայ, միթէ իմ աչքերո՞ւս ալ դժուար պիտի երեւնայ’։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա իմ ժողովուրդս արեւելեան երկրէն ու արեւմտեան երկրէն պիտի փրկեմ Եւ զանոնք պիտի բերեմ, որ Երուսաղէմի մէջ բնակին։ Անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան, ես ալ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ’։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր ձեռքերը թող ուժովնան, ո՛վ դուք, որ այս օրերս կը լսէք այս խօսքերը այն մարգարէներուն բերնէն, որոնք զօրքերու Տէրոջը տանը հիմնարկութեան ու տաճարին նորոգութեան օրը խօսեցան ։ Քանզի այն օրերէն առաջ մարդու համար վարձք չկար ու անասունի համար վարձք չկար եւ նեղութեան պատճառով՝ ելլողին ու մտնողին խաղաղութիւն չկար, քանզի ես ամէն մարդ իր ընկերին դէմ ոտքի հաներ էի։ Բայց հիմա այս ժողովուրդին մնացորդին՝ առաջուան օրերուն պէս պիտի չըլլամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Քանզի խաղաղութիւն պիտի սերմանուի, որթատունկը իր պտուղը պիտի տայ ու երկիրը իր բերքը պիտի տայ ու երկինք իր ցօղը պիտի տայ եւ այս մէն բաները այս ժողովուրդին մնացորդին ժառանգել պիտի տամ։ Ու ինչպէս դուք ազգերու մէջ անէծք եղաք, ո՛վ Յուդայի տուն ու Իսրայէլի տուն, այնպէս ձեզ պիտի ազատեմ ու օրհնութիւն պիտի ըլլաք։ Մի՛ վախնաք, ձեր ձեռքերը թող ուժովնան’։ Քանզի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ինչպէս ձեզի չարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ, երբ ձեր հայրերը զիս սրդողցուցին ու չզղջացի, Այնպէս դարձայ ու այս օրերը Երուսաղէմի ու Յուդայի տանը բարիք ընելու դիտաւորութիւն ունեցայ։ Մի՛ վախնաք։ Ձեր ընելիքները ասոնք են՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ, ձեր դռներուն մէջ արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ դատաստան տեսէք Ու ձեզմէ մէկը իր սրտին մէջ իր ընկերին համար չարութիւն թող չմտածէ եւ սուտ երդումը մի՛ սիրէք. վասն զի ես այս բոլոր բաները կ’ատեմ’», կ’ըսէ Տէրը։ Դարձեալ զօրքերու Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով. «Չորրորդ ամսուան ծոմն ու հինգերորդին՝ ծոմը ու եօթներորդին՝ ծոմը եւ տասներորդին ծոմը Յուդայի տանը ցնծութիւն եւ ուրախութիւն ու խնդալից տօներ պիտի ըլլան. ուստի ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը սիրեցէք»։ Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Նորէն ժողովուրդներ ու շատ քաղաքներու բնակիչներ պիտի գան։ Մէկուն բնակիչները միւսին պիտի երթան ու ըսեն. ‘Եկէ՛ք Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու եւ զօրքերու Տէրը փնտռելու երթանք’։ Ես ալ պիտի երթամ։ Ու շատ ժողովուրդներ եւ զօրաւոր ազգեր Երուսաղէմի մէջ զօրքերու Տէրը փնտռելու ու Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու պիտի գան’»։ Զօրքերու Տէրը ահսպէս կ’ըսէ. «Այն օրերը ազգերուն բոլոր լեզուներէն տասը մարդ մէկուն քղանցքը պիտի բռնեն՝ այսինքն Հրեայ եղող մարդուն քղանցքը պիտի բռնեն ու ըսեն. ‘Ձեզի հետ երթանք, քանզի լսեցինք թէ Աստուած ձեզի հետ է’»։ Հադրաքի երկրին դէմ Տէրոջը պատգամը. Դամասկոսի վրայ պիտի հանգչի (Քանզի Տէրոջը աչքը մարդու Եւ Իսրայէլի բոլոր ցեղերուն կը նայի ). Եմաթ ալ անոր սահմանակից է, Նաեւ Տիւրոս ու Սիդոն՝ թէեւ շատ իմաստուն են։ Տիւրոս իրեն ամրոց շինեց Ու արծաթը՝ հողի պէս, Զուտ ոսկին փողոցներու ցեխի պէս դիզեց։ Տէրը զանիկա պիտի քշէ Եւ անոր ունեցած զօրութիւնը ծովուն մէջ պիտի նետէ Ու անիկա կրակով պիտի սպառի։ Ասկաղոնը պիտի տեսնէ ու պիտի վախնայ, Գազան ալ՝ մեծապէս պիտի տագնապի, Ակկարոնն ալ՝ քանզի իր յոյսը պարապ պիտի ելլէ՝ ՝ Եւ Գազայէն թագաւորը պիտի կորսուի, Ասկաղոնի մէջ բնակող պիտի չըլլայ, Իսկ Ազովտոսի մէջ օտարազգի պիտի բնակի։ Փղշտացիներու հպարտութիւնը պիտի ջնջեմ. Անոնց արիւնը՝ իրենց բերնէն Եւ անոնց պղծութիւնները իրենց ակռաներուն մէջէն պիտի վերցնեմ Ու մնացորդը՝ անիկա ալ մեր Աստուծոյն պիտի ըլլայ։ Յուդայի մէջ՝ հազարապետի պէս, Ակկարոն Յեբուսացիի պէս պիտի ըլլայ։ Անցնող ու դարձող զօրքին պատճառով Իմ տանս բոլորտիքը պիտի բնակիմ, Ա՛լ անոնց մէջէն բռնաւոր պիտի չանցնի, Քանզի հիմա իմ աչքերովս տեսայ։ Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, Ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. Անիկա արդար ու փրկիչ է, Հեզ է ու իշու վրայ հեծած Եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ։ Ու Եփրեմէն՝ կառքը Եւ Երուսաղէմէն ձին պիտի ջնջեմ։ Պատերազմին աղողը պիտի կոտրի։ Անիկա ազգերուն խաղաղութիւն պիտի քարոզէ, Անոր իշխանութիւնը՝ ծովէ ծով, Գետէն մինչեւ երկրին ծայրերը պիտի ըլլայ։ Քեզի այս ըրի ՝ քու ուխտիդ արիւնովը Քու գերիներդ ջուր չունեցող գուբէն հանեցի։ Ամրոցը դարձէ՛ք, ո՛վ յուսոյ գերիներ, Ես այսօր ալ կը ծանուցանեմ, Թէ քեզի կրկնապատիկ հատուցում պիտի ընեմ, Վասն զի Յուդան ինծի համար աղեղի պէս պիտի լարեմ Ու Եփրեմը նետի պէս պիտի դնեմ՝ ՝ Եւ քու որդիներդ, ո՛վ Սիօն, Յոյներու որդիներուն վրայ պիտի բարձրացնեմ. Քեզ զօրաւորին սուրին պէս պիտի ընեմ։ Տէրը անոնց վրայ պիտի երեւնայ, Անոր նետը փայլակի պէս պիտի ելլէ։ Տէր Եհովան փող պիտի հնչեցնէ Ու հարաւային մրրիկներով պիտի քալէ։ Զօրքերու Տէրը զանոնք պիտի պաշտպանէ Եւ անոնք բնաջինջ պիտի ընեն Ու պարսաքարերու վրայ՝ ՝ պիտի կոխեն Եւ պիտի խմեն ու գինովի պէս պիտի աղաղակեն Ու անոնք տաշտի պէս, Սեղանին անկիւններուն պէս պիտի լեցուին։ Այն օրը անոնց Տէր Աստուածը Զանոնք իր ժողովուրդին հօտին պէս պիտի փրկէ, Քանզի անոր երկրին վրայ թագի քարերու պէս պիտի փայլին։ Անոր բարութիւնն ու գեղեցկութիւնը որքա՜ն մեծ է. Ցորենը՝ երիտասարդները ու քաղցուն կոյսերը պիտի ծաղկեցնէ։ Վերջին անձրեւին ժամանակը Տէրոջմէ անձրեւ խնդրեցէ՛ք։ Տէրը փայլակներ պիտի հանէ Եւ առատ անձրեւ պիտի տայ Ու ամէն մէկուն՝ ագարակին խոտ։ Քանզի թերափիմները ունայնութիւն խօսեցան Ու գուշակութիւն ընողները ստութիւն տեսան Եւ սուտ երազներ պատմեցին, Պարապ մխիթարութիւն տուին, Անոր համար հօտերու պէս չուեցին, Հովիւ չըլլալուն համար տագնապեցան։ «Հովիւներուն վրայ իմ բարկուիթւնս բռնկեցաւ Ու նոխազները պիտի պատժեմ, Քանզի զօրքերու Տէրը իր հօտը, Յուդայի տունը, պիտի հոգայ Եւ զանոնք իր պատերազմի մէջ հեծած գեղեցիկ ձիուն պէս պիտի ընէ։ Անկիւնը՝ անկէ, բեւեռը՝ անկէ՝ ՝, Պատերազմի աղեղը՝ անկէ, Ամէն զօրապետ մէկտեղ անկէ պիտի ելլէ. Այնպիսի զօրաւոր մարդոց պէս պիտի ըլլան, Որոնք պատերազմի մէջ թշնամին փողոցներուն ցեխին մէջ կը կոխկռտեն Ու անոնք պատերազմ պիտի ընեն. Քանզի Տէրը անոնց հետ է։ Ձիաւորները պիտի ամչնան։ Յուդային տունը պիտի զօրացնեմ. Յովսէփին տունը պիտի փրկեմ Եւ զանոնք նորէն պիտի բնակեցնեմ, Քանզի անոնց ողորմեցայ. Անոնք այնպէս պիտի ըլլան, Որպէս թէ զանոնք երեսէ ձգած չէի։ Քանզի անոնց Տէր Աստուածը՝ ե՛ս եմ, Անոնց պիտի լսեմ։ Եփրեմ զօրաւոր մարդու պէս պիտի ըլլայ։ Անոնց սիրտը ուրախ պիտի ըլլայ, գինովցածի պէս։ Անոնց տղաքներն ալ պիտի տեսնեն ու պիտի ուրախանան։ Անոնց սիրտը Տէրոջմով պիտի ցնծայ։ Անոնց պիտի սուլեմ ու զանոնք պիտի հաւաքեմ, Վասն զի զանոնք փրկեցի։ Անոնք պիտի շատնան՝ ինչպէս որ առաջ էին։ Թէեւ զանոնք ժողովուրդներու մէջ ցրուեմ, Սակայն հեռաւոր տեղեր զիս պիտի յիշեն, Իրենց որդիներուն հետ պիտի ապրին ու ետ պիտի դառնան։ Զանոնք Եգիպտոսէն պիտի դարձնեմ, Ասորեստանէն պիտի հաւաքեմ, Գաղաադի երկիրը Ու Լիբանան պիտի բերեմ, այնպէս որ Անոնց համար բաւական տեղ պիտի չգտնուի։ Ծովէն նեղութեամբ պիտի անցնի, Ծովուն ալիքները պիտի զարնէ։ Գետին բոլոր խորութիւնները պիտի ցամքին, Ասորեստանի հպարտութիւնը պիտի իջնէ, Եգիպտոսի գաւազանը պիտի վերցուի։ Անոնք Տէրոջմով պիտի զօրանան Ու անոր անունովը պիտի պտըտին», կ’ըսէ Տէրը։ Դռներդ բա՛ց, ո՛վ Լիբանան, Որ կրակը քու եղեւիններդ ուտէ։ Մայրի ծառը թող ողբայ, Քանզի եղեւինը ինկաւ, Վասն զի ազնուականները կողոպտուեցան։ Բասանի կաղնիները թող ողբան, Քանզի անմատչելի անտառը կտրուեցաւ։ Հովիւներուն ողբալու ձայնը կը լսուի, Քանզի անոնց փառքը յափշտակուեցաւ։ Առոյգ առիւծներու մռնչելուն ձայնը կը լսուի, Քանզի Յորդանանի շքեղութիւնը յափշտակուեցաւ։ Իմ Տէր Աստուածս այսպէս կ’ըսէ. «Մորթուելու ոչխարները արածէ, Զանոնք՝ որ ծախու առնողները կը մորթեն Ու յանցաւոր չեն սեպուիր։ Զանոնք ծախողները կ’ըսեն. ‘Տէրը օրհնեալ ըլլայ, որ հարստացայ’։ Անոնց հովիւները անոնց վրայ գութ չունին։ ‘Քանզի անգամ մըն ալ ես երկրի բնակիչներուն պիտի չգթամ’, կ’ըսէ Տէրը։ «Ահա ես ամէն մարդ իր ընկերին ձեռքը Ու իր թագաւորին ձեռքը պիտի մատնեմ։ Երկիրը պիտի զարնեն, Անոնց ձեռքէն պիտի չփրկեմ»։ Մորթուելու ոչխարները, Այո՛, հօտին խեղճերը, արածեցի։ Ինծի երկու գաւազան առի, Մէկուն անունը Գեղեցկութիւն Ու միւսին անունը Կապեր դրի։ Ոչխարները արածեցի։ Մէկ ամսուան մէջ երեք հովիւ փոխեցի, Քանզի հոգիս անոնց նեղացաւ Եւ անոնց հոգին ալ ինծմէ զզուեցաւ։ Ես ըսի. «Ձեզ պիտի չհովուեմ։ Մեռնողը թող մեռնի, Կոտորուողը թող կոտորուի Եւ մնացածները թող իրարու միս ուտեն»։ Գեղեցկութիւն կոչուած գաւազանս առի եւ զանիկա կոտրեցի, Որպէս զի բոլոր ժողովուրդներուն հետ ըրած ուխտս աւրեմ։ Ու նոյն օրը աւրուեցաւ։ Ինծի սպասող հօտին խեղճերը Հաստատ գիտցան թէ ասիկա Տէրոջը գործն է։ Անոնց ըսի. «Եթէ ձեր աչքերուն հաճոյ կ’երեւնայ, իմ վարձքս տուէք, Ապա թէ ոչ՝ զանց ըրէք»։ Իմ վարձքիս համար երեսուն արծաթ կշռեցին։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Զանիկա բրուտին նետէ։ Ասիկա վայելուչ գին մըն է, Որ անոնք ինծի համար կտրեցին»։ Երեսուն արծաթը առի, Զանիկա Տէրոջը տունը բրուտին նետեցի։ Ետքը կապեր կոչուած միւս գաւազանս կոտրեցի, Որպէս զի Յուդայի ու Իսրայէլի մէջ եղող եղբայրութիւնը աւրեմ։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Քեզի նորէն անարժէք հովիւի մը գործիքները ա՛ռ. Քանզի ահա ես երկրի վրայ նոր հովիւ մը պիտի հանեմ, Որը կորսուելու վրայ եղողներուն հոգ պիտի չտանի։ Ցրուածը պիտի չփնտռէ, Կոտրածը պիտի չբժշկէ, Ողջը պիտի չսնուցանէ, Հապա գէրերուն միսը պիտի ուտէ Ու անոնց կճղակները պիտի խորտակէ։ Վա՜յ ունայնութեան հովիւին, որ հօտը կը լքէ. Սուրը անոր բազուկը ու աջ աչքը պիտի զարնէ, Անոր բազուկը բոլորովին պիտի չորնայ Ու աջ աչքը բոլորովին պիտի խաւարի»։ Իսրայէլի վրայով Տէրոջը պատգամը։ Երկինքը տարածող ու երկրին հիմը դնող Ու մարդուն հոգին անոր մէջ ստեղծող Տէրը կ’ըսէ. «Ահա ես Երուսաղէմը բոլոր շրջակայ ազգերուն Թմրութեան բաժակ պիտի ընեմ. Նաեւ Յուդայի վրայ ալ պիտի ըլլայ՝ Երուսաղէմի պաշարման ատենը։ Այն օրը Երուսաղէմը Բոլոր ժողովուրդներուն ծանր քար պիտի ընեմ. Ամէն անոնք որ անով կը բեռնաւորուին՝ բոլորովին պիտի կոտրին Եւ երկրի բոլոր ազգերը անոր վրայ պիտի հաւաքուին։ Այն օրը, կ’ըսէ Տէրը, Ամէն ձի սոսկումով պիտի զարնեմ Ու անոր հեծեալը՝ ապշութեամբ։ Յուդային տանը վրայ աչքերս պիտի բանամ, Ժողովուրդներուն բոլոր ձիերը կուրութեամբ պիտի զարնեմ։ Յուդային հազարապետները իրենց սրտին մէջ պիտի ըսեն. ‘Երուսաղէմի բնակիչները մեր զօրութիւնն՝ ՝ են Զօրքերու Տէրոջմով, իրենց Աստուծմով’։ «Այն օրը Յուդային հազարապետները Կրակի վառարանի պէս պիտի ընեմ՝ փայտերու մէջ Ու կրակի ջահի պէս՝ որաներու մէջ։ Անոնք աջ կողմէն ու ձախ կողմէն Բոլոր շրջակայ ժողովուրդները պիտի ուտեն, Բայց Երուսաղէմ դարձեալ իր տեղը պիտի մնայ։ Երուսաղէմի մէջ բնակիչներ պիտի ըլլան։ Տէրը Յուդային վրանները պիտի փրկէ, Որպէս զի Դաւիթին տանը փառքը Ու Երուսաղէմին բնակիչներուն փառքը Յուդայի վրայ չյոխորտան։ Այն օրը Տէրը Երուսաղէմին բնակիչներուն պաշտպանութիւն պիտի ընէ. Անոնց մէջ տկար եղողը այն օրը Դաւիթին պէս պիտի ըլլայ, Դաւիթին տունը՝ Աստուծոյ պէս, Տէրոջը հրեշտակին պէս, պիտի ըլլայ անոնց առջեւ։ Այն օրը Երուսաղէմի վրայ եկող բոլոր ազգերը Բնաջինջ ընելու ետեւէ պիտի ըլլամ։ Դաւիթին տանը վրայ Եւ Երուսաղէմին բնակիչներուն վրայ Շնորհքի եւ աղօթքի հոգին պիտի թափեմ, Եւ անոնք զիրենք խոցողին պիտի նային։ Անոր վրայ մէկ հատիկ զաւակի վրայ ողբալու պէս պիտի ողբան, Անոր վրայ անդրանիկ զաւակի վրայ ցաւելու պէս պիտի ցաւին։ Այն օրը Երուսաղէմի մէջ մեծ ողբ պիտի ըլլայ Մակեդդովի դաշտին մէջ Ադադ-Ռեմօնի ողբին պէս։ Երկիրը պիտի ողբայ, Ամէն ազգատոհմ՝ առանձին. Դաւիթին տանը ազգատոհմը՝ առանձին, Անոնց կիները առանձին, Նաթանին տանը ազգատոհմը առանձին, Անոնց կիները առանձին, Ղեւիին տանը ազգատոհմը առանձին, Անոնց կիները առանձին, Սէմէիին ազգատոհմը առանձին, Անոնց կիները առանձին, Բոլոր մնացած ազգատոհմերէն ամէն մէկը առանձին, Անոնց կիները առանձին»։ Այն օրը Դաւիթին տանը ու Երուսաղէմի բնակիչներուն Բացուած աղբիւր մը պիտի ըլլայ Մեղքէն ու պղծութենէն մաքրուելու համար։ «Այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Կուռքերուն անունները երկրէն պիտի ջնջեմ, այնպէս որ Անգամ մըն ալ պիտի չյիշուին։ Անոնց մարգարէներն ու պիղծ ոգին ալ երկրէն պիտի վերցնեմ։ Այնպէս որ երբ մարդ մը անկէ յետոյ մարգարէութիւն ընէ, Զանիկա ծնանող հայրն ու մայրը իրեն պիտի ըսեն. ‘Պիտի չապրիս, քանզի Տէրոջը անունովը սուտ խօսեցար’։ Անոր մարգարէութիւն ըրած ատենը՝ Զանիկա ծնանող հայրն ու մայրը զանիկա պիտի խոցեն։ Այն օրը մարգարէները Մարգարէութիւն ըրած ատեննին պիտի ամչնան։ Ամէն մէկը՝ իր տեսիլքէն։ Խաբելու համար մազոտ վերարկու պիտի չհագնին։ Անոնց ամէն մէկը պիտի ըսէ. ‘Ես մարգարէ չեմ, ես երկրագործ մարդ եմ. Քանզի իմ մանկութենէս ան իմ ստացուածքս է’։ Անոր պիտի ըսուի. ‘Ձեռքերուդ մէջի այս վէրքերը ի՞նչ են’։ Անիկա պիտի ըսէ. ‘Ասոնք իմ բարեկամներուս տանը մէջ ընդունած վէրքերս են’»։ «Արթնցի՛ր, ո՛վ սուր, իմ հովիւիս դէմ Ու իմ ընկերս եղող մարդուն դէմ», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Հովիւը զա՛րկ, որ աչխարները ցրուին։ Իմ ձեռքս պզտիկներուն դէմ պիտի դարձնեմ»։ Տէրը կ’ըսէ. «Բոլոր երկրին Երկու երրորդ մասը պիտի կտրուի ու պիտի մեռնի, Միայն մէկ երրորդ մասը պիտի մնայ անոր մէջ։ Այդ մէկ երրորդ մասը կրակէ պիտի անցընեմ, Զանոնք պիտի զտեմ՝ ինչպէս արծաթը կը զտուի, Զանոնք պիտի փորձեմ՝ ինչպէս ոսկին կը փորձուի. Անոնք իմ անունս պիտի կանչեն Ու ես անոնց պատասխան պիտի տամ։ Ես պիտի ըսեմ. ‘Անիկա իմ ժողովուրդս է’. Անոնք ալ՝ ‘Տէրը մեր Աստուածն է’, պիտի ըսեն»։ Ահա Տէրոջը օրը կու գայ Եւ քու աւարդ քու մէջդ պիտի բաժնուի. Քանզի բոլոր ազգերը պատերազմի համար Երուսաղէմի վրայ պիտի հաւաքեմ։ Քաղաքը պիտի առնուի, Տուները պիտի կողոպտուին, Կիները պիտի պղծուին, Քաղաքին կէսը գերի պիտի տարուի, Բայց ժողովուրդին մնացորդը քաղաքէն պիտի չհեռանայ։ Տէրը պիտի ելլէ, Ապա այն ազգերուն հետ պիտի պատերազմի, Ինչպէս պատերազմին օրը պատերազմեցաւ։ Այն օրը անոր ոտքերը Ձիթենիներու լերանը վրայ պիտի կայնին, Որ Երուսաղէմին առջեւն է դէպի արեւելք։ Ձիթենիներու լեռը դէպի արեւելք ու դէպի արեւմուտք կէսէն պիտի պատռուի Ու խիստ մեծ ձոր մը պիտի կազմուի։ Լերանը կէսը՝ դէպի հիւսիս, Կէսը դէպի հարաւ պիտի քաշուի Եւ դուք լեռներուն ձորը պիտի փախչիք, Քանզի լեռներուն ձորը մինչեւ Ասալ պիտի հասնի։ Պիտի փախչիք՝ ինչպէս գետնաշարժէն փախաք՝ Յուդայի թագաւոր Ոզիային օրերը։ Իմ Տէր Աստուածս պիտի գայ, Բոլոր սուրբերը քեզի հետ պիտի ըլլան։ Եւ այն օրը Լոյսը պայծառ կամ աղօտ պիտի չըլլայ։ Անիկա Տէրոջը յայտնի օր մը պիտի ըլլայ, Ո՛չ ցորեկ ու ո՛չ գիշեր պիտի ըլլայ, Սակայն երեկոյեան ժամանակը լոյս պիտի ըլլայ։ Այն օրը Երուսաղէմէն կենդանի ջուրեր պիտի հոսին, Կէսը՝ դէպի արեւելեան ծովը, Կէսը՝ դէպի արեւմտեան ծովը։ Ամառ ու ձմեռ այնպէս պիտի ըլլայ։ Տէրը բոլոր երկրի վրայ Թագաւոր պիտի ըլլայ, Այն օրը Տէրը՝ մէկ ու անոր անունը մէկ պիտի ըլլայ։ Բոլոր երկիրը դաշտ պիտի դառնայ Գաբաայէն մինչեւ Ռեմօն, Երուսաղէմի հարաւային կողմը։ Երուսաղէմը պիտի բարձրանայ ու իր տեղը պիտի մնայ՝ Բենիամինին դռնէն մինչեւ Առաջին դրանը տեղը, մինչեւ Անկեան դուռը, Անանայէլին աշտարակէն մինչեւ թագաւորին հնձանները։ Հոն պիտի բնակին ու հոն անգամ մըն ալ նզովք պիտի չըլլայ։ Երուսաղէմի մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին։ Այս պիտի ըլլայ այն հարուածը, Որով Տէրը պիտի զարնէ այն բոլոր ժողովուրդները, Որոնք Երուսաղէմին դէմ պատերազմեցան։ Ոտքի վրայ կայնած ատեննին անոնց մարմինը պիտի հալի, Անոնց աչքերը իրենց խորշերուն մէջ պիտի հալին, Անոնց լեզուն անոնց բերնին մէջ պիտի հալի։ Այն օրը անոնց մէջ Մեծ խռովութիւն պիտի ըլլայ Տէրոջմէն։ Ամէն մէկը իր ընկերին ձեռքը պիտի բռնէ Ու անոր ձեռքը իր ընկերին ձեռքին դէմ պիտի վերցուի։ Յուդան ալ Երուսաղէմի մէջ պիտի պատերազմի Ու բոլոր շրջակայ ազգերուն ստացուածքը, Ոսկի ու արծաթ ու հանդերձներ, մեծ առատութեամբ հոն պիտի հաւաքուին։ Ձիուն, ջորիին, ուղտին ու իշուն Եւ այն բանակներուն մէջի բոլոր անասուններուն աղէտը Նոյն աղէտին պէս պիտի ըլլայ։ Երուսաղէմի վրայ եկած բոլոր ազգերուն մնացորդները Ամէն տարի Թագաւորին, զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու Եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու պիտի գան։ Երկրի ազգատոհմերէն ով որ Երուսաղէմ չելլէ Թագաւորին, զօրքերու Տէրոջը, երկրպագութիւն ընելու, Անոր վրայ պիտի անձրեւէ։ Եթէ Եգիպտացիներու ազգատոհմը չելլէ ու չգայ (Որոնք անձրեւ չունին), Անոնց վրայ պիտի ըլլայ այն հարուածը, Որով Տէրը պիտի զարնէ այն ազգերը, Որոնք տաղաւարահարներու տօնը կատարելու չեն ելլեր։ Ասիկա պիտի ըլլայ Եգիպտոսի պատիժը Եւ տաղաւարահարներու տօնը կատարելու չելլող բոլոր ազգերուն պատիժը։ Այն օրը ձիերուն սանձի զարդերուն վրայ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ պիտի գրուի։ Տէրոջը տանը կաթսաները Սեղանին առջեւի կոնքերուն պէս պիտի ըլլան։ Երուսաղէմի մէջ եւ Յուդայի մէջ ամէն կաթսայ Զօրքերու Տէրոջը սուրբ պիտի ըլլայ։ Բոլոր զոհ ընողները պիտի գան, Անոնցմէ պիտի առնեն ու անոնց մէջ պիտի եփեն։ Այն օրը անգամ մըն ալ զօրքերու Տէրոջը տանը մէջ Քանանացի պիտի չըլլայ։ Մաղաքիային միջոցով Իսրայէլին եղած Տէրոջը պատգամը. «Ես ձեզ սիրեցի», կ’ըսէ Տէրը Ու դուք՝ «Մեզ ինչո՞վ սիրեցիր», կ’ըսէք։ «Միթէ Եսաւը Յակոբին եղբայրը չէ՞ր», կ’ըսէ Տէրը։ Ես Յակոբը սիրեցի, Բայց Եսաւը ատեցի։ Անոր լեռները ամայութեան Ու անոր ժառանգութիւնը անապատի բնակութեան դարձուցի՝ ՝։ Եթէ Եդովմ ըսէ՝ ‘Թէեւ կործանեցանք, Բայց պիտի դառնան ու աւերակները շինենք’, Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Անոնք պիտի շինեն, բայց ես պիտի փլցնեմ. Անոնք պիտի կոչուին Անօրէնութեան Սահման, Ժողովուրդ՝ որու դէմ Տէրը յաւիտեան բարկացեր է»։ «Ձեր աչքերը պիտի տեսնեն ու պիտի ըսէք՝ ‘Տէրը Իսրայէլի սահմանէն անդին՝ ՝ թող փառաւորուի’»։ «Տղան՝ իր հօրը, Ծառան՝ իր տիրոջը պատիւ կ’ընէ։ ‘Եթէ ես հայր եմ, իմ պատիւս ո՞ւր է, Եթէ տէր եմ, իմ վախս ո՞ւր է’, Կ’ըսէ ձեզի զօրքերու Տէրը, Ո՛վ քահանաներ, որ իմ անունս կ’անարգէք Եւ դուք կ’ըսէք. ‘Քու անունդ ի՞նչ բանով անարգեցինք’։ Իմ սեղանիս վրայ պիղծ հաց կը մատուցանէք Ու կ’ըսէք. ‘Քեզ ինչո՞վ պղծեցինք’։ Տէրոջը սեղանը անարգ է ըսելով։ Երբ կոյրը զոհի համար կը մատուցանէք, գէշ չէ՞. Երբ կաղը կամ հիւանդը կը մատուցանէք, գէշ չէ՞. ‘Աղէ՜, եթէ զանիկա քու իշխանիդ ընծայես, Միթէ քեզի պիտի հաճի՞, Կամ քեզ սիրով՝ ՝ պիտի ընդունի՞’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Հիմա Աստուծոյ աղաչեցէ՛ք, Որպէս զի ձեզի ողորմութիւն ընէ։ Ասիկա ձեր ձեռքով եղաւ։ ‘Միթէ ձեզ սիրով պիտի ընդունի՞’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Ձեր մէջ դռները ձրի գոցող ո՞վ կայ։ Իմ սեղանիս կրակն ալ ձրի չէք վառեր։ ‘Ձեզի չեմ հաճիր, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը Ու ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ ընդունիր։ Քանզի արեւուն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մարը մտած տեղը, Ազգերուն մէջ իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ։ Ամէն տեղ իմ անուանս Խունկ ու սուրբ ընծայ պիտի մատուցանուի, Քանզի իմ անունս ազգերուն մէջ մեծ պիտի ըլլայ’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Բայց դուք զանիկա կը պղծէք, Ըսելով. ‘Տէրոջը սեղանը պիղծ է Ու անոր բերքը, այսինքն կերակուրը, անարգ’։ Նաեւ կ’ըսէք. ‘Այս ի՜նչ աշխատութիւն է Ու անոր վրայ կը փչէք’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը Եւ յափշտակուածն ու կաղը եւ հիւանդը Որպէս ընծայ բերիք։ ‘Միթէ զանոնք պիտի ընդունի՞մ, կ’ըսէ Տէրը։ Բայց անիծեալ ըլլայ այն խաբեբայ մարդը, Որ իր հօտին մէջ որձ ունենալով՝ ուխտ կ’ընէ, Բայց արատաւորը Տէրոջը կը մատուցանէ. Քանզի ես մեծ Թագաւոր եմ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը Ու իմ անունս ազգերու մէջ ահարկու է’»։ «Այս պատուէրը ձեզի է, ո՛վ քահանաներ։ Եթէ մտիկ չընէք, Եթէ ձեր սրտին մէջ չդնէք Իմ անուանս պատիւ տալ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Այն ատեն ձեզի անէծք պիտի ղրկեմ, Ձեր օրհնութիւնները պիտի անիծեմ։ Այո՛, զանոնք արդէն անիծեր եմ, Քանզի դուք ձեր սրտին մէջ չէք դներ։ Ահա ես ձեր սերունդը պիտի յանդիմանեմ, Ձեր երեսին վրայ՝ աղբ, Ձեր տօներուն աղբը պիտի ցանեմ, Որ ձեզ իրեն հետ տանի։ Այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ձեզի ղրկեցի այս պատուէրը, Որպէս զի իմ ուխտս Ղեւիին հետ ըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Իմ ուխտս անոր հետ էր՝ կեանքի ու խաղաղութեան համար։ Զանոնք անոր տուի այն երկիւղին փոխարէն ՝ Որով ինծմէ կը վախնար Ու իմ անուանս երեսէն կը սարսափէր։ Ճշմարտութեան օրէնքը անոր բերնին մէջ էր, Անոր շրթունքներուն մէջ անիրաւութիւն չգտնուեցաւ. Ինծի հետ խաղաղութեամբ եւ ուղղութեամբ կը քալէր, Շատերը անօրէնութենէ դարձուց։ Քահանային շրթունքները գիտութիւն պահելու են, Մարդիկ անոր բերնէն օրէնք փնտռելու են, Քանզի անիկա զօրքերու Տէրոջը դեսպանն է։ Բայց դուք ճամբայէն խոտորեցաք. Շատերը օրէնքին մէջ գայթակղեցուցիք, Ղեւիին ուխտը աւրեցիք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Ուստի ես ալ ձեզ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անարգեցի ու ցածցուցի, Քանի որ դուք իմ ճամբաներս չպահեցիք, Օրէնքին մէջ աչառութիւն ըրիք։ Միթէ ամէնքը մէկ հայր չունի՞ն, Միթէ մէկ Աստուած չստեղծե՞ց մեզ։ Ինչո՞ւ համար մեր հայրերուն ուխտը աւրելով՝ Մեզմէ ամէն մէկը իր եղբօրը նենգութիւն կ’ընէ։ Յուդան նենգութիւն ըրաւ։ Իսրայէլի մէջ ու Երուսաղէմի մէջ պղծութիւն գործուեցաւ։ Յուդան պղծեց Տէրոջը սրբարանը, որ ինք կը սիրէր Եւ օտար աստուծոյ աղջկանը այր եղաւ։ Տէրը Յակոբին վրաններէն բնաջինջ պիտի ընէ այս բանը ընող մարդը, Արթուն եղողն ու պատասխան տուողը Եւ զօրքերու Տէրոջը ընծայ մատուցանողը։ Դարձեալ ասիկա ըրիք։ Տէրոջը սեղանը արցունքներով, Լացով ու ողբով ծածկեցիք։ Այնպէս որ Անիկա անգամ մըն ալ ընծային չի նայիր, Որ զանիկա ձեր ձեռքէն հաճութեամբ ընդունի։ Բայց դուք ըսիք. ‘Ինչո՞ւ’։ Անոր համար որ Տէրը վկայ եղաւ քու եւ քու երիտասարդութեանդ կնոջ միջեւ, Որուն հետ անհաւատարմութեամբ վարուեցար։ Անիկա քու ընկերդ ու քու ուխտիդ կինն է։ Եւ մէկը չըրա՞ւ, որ Հոգիին առատութիւնը ունէր. Այն մէկը ի՞նչ կը փնտռէր։ Աստուծոյ սերունդը։ Ուրեմն ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք, Ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի։ Քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը կ’ըսէ, թէ Ինք կ’ատէ կին արձակելը՝ ՝. «Բայց մարդը իր հանդերձովը զրկանքը կը ծածկէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. Ուստի ձեր հոգիին զգուշութիւն ըրէք ու անհաւատարիմ մի՛ ըլլաք»։ «Ձեր խօսքովը Տէրը ձանձրացուցիք։ Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ինչո՞վ ձանձրացուցինք’։ Այսպէս ըսելով. ‘Ամէն չարութիւն ընողը Տէրոջը աչքերուն առջեւ հաճոյ է Ու ինք անոնց կը հաւնի’, Կամ թէ ‘Դատաստան ընող Աստուածը ո՞ւր է’։ «Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ, Որ իմ առջեւս ճամբայ պատրաստէ։ Ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն ուխտին հրեշտակը, որու կը հաւնիք, Յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ։ Ահա կու գայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Անոր գալուստին օրը ո՞վ կրնայ դիմանալ։ Անոր երեւնալուն ատենը ո՞վ կրնայ կայնիլ. Քանզի անիկա հալեցնողին՝ կրակին պէս Ու թափիչներուն օճառին պէս պիտի ըլլայ։ Անիկա արծաթ հալեցնողի ու մաքրողի պէս պիտի նստի։ Ղեւիին որդիները պիտի մաքրէ, Զանոնք ոսկիի պէս ու արծաթի պէս պիտի զտէ։ Անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ պիտի մատուցանեն. Յուդային ու Երուսաղէմին ընծան Հին օրերուն պէս ու առաջին տարիներուն պէս Տէրոջը ընդունելի պիտի ըլլայ։ Դատաստանի համար ձեզի պիտի մօտենամ, Կախարդներուն ու շնացողներուն Սուտ երդում ընողներուն, Վարձկանին իր վարձքին վրայով, Որբեւարիին ու որբին զրկանք ընողներուն, Պանդուխտին իրաւունքը խոտորցնողներուն, Ինծմէ չվախցողներուն դէմ արագ վկայ պիտի ըլլամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Քանզի ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր, Անոր համար դո՛ւք, ո՛վ Յակոբի որդիներ, չսպառեցաք։ Ձեր հայրերուն օրերէն ի վեր Իմ հրամաններէս հեռացաք ու զանոնք չպահեցիք։ Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը. Սակայն դուք կ’ըսէք՝ ‘Ինչո՞վ դառնանք’։ Միթէ մարդ Աստուած կը կողոպտէ՞, Որ դուք զիս կը կողոպտէք. Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզմէ ի՞նչ կողոպտեցինք’. Տասանորդներ ու ընծաներ։ Դուք անէծքով անիծուած էք, Քանզի դուք բոլորդ զիս կողոպտեցիք։ Բոլոր տասանորդները գանձատունը բերէք, Որպէս զի իմ տանս մէջ պաշար ըլլայ։ Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ Ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, Այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ։ Ձեզի համար ուտողը պիտի յանդիմանեմ, Անիկա ձեր երկրին պտուղը պիտի չապականէ, Ձեր այգիին մէջ որթատունկը անպտուղ պիտի չըլլայ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Բոլոր ազգերը ձեզի երանի՜ պիտի ըսեն, Քանզի դուք ցանկալի երկիր պիտի ըլլաք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Ձեր խօսքերը ինծի դէմ խիստ եղան, կ’ըսէ Տէրը. Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Քեզի դէմ ի՞նչ խօսեցանք’։ Դուք ըսիք. ‘Աստուծոյ ծառայութիւն ընելը պարապ է։ Եւ անոր պահպանութիւնը պահելէն Ու զօրքերու Տէրոջը առջեւ սուգով քալելէն ի՞նչ շահեցանք։ Հիմա մենք հպարտներուն երանի՜ կ’ըսենք. Ամբարշտութիւն ընողներն անգամ բարեշէն կ’ըլլան, Աստուած ալ կը փորձեն ու կ’ազատին’»։ Այն ատեն Տէրոջմէ վախցողները Իրարու հետ խօսեցան։ Տէրը մտիկ ըրաւ ու լսեց Եւ իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ վախցողներուն համար Ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար։ Եւ անոնք իմս պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ Այն օրը երբ իմ սեփական գանձս հաւաքեմ, Անոնց պիտի խնայեմ, Ինչպէս մարդ մը կը խնայէ իր որդիին, Որ իրեն ծառայութիւն կ’ընէ։ Եւ պիտի դառնաք ու արդարին եւ ամբարշտին, Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին Եւ անոր ծառայութիւն չընողին Տարբերութիւնը պիտի տեսնէք։ «Քանզի ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ, Երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողները Յարդի պէս պիտի ըլլան Ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու։ Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝ Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։ Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ Ու դուք գոմի պարարտ հորթերու պէս Դուրս պիտի ելէք ու պիտի ցատկէք։ Ամբարիշտները պիտի կոխկռտէք, Վասն զի իմ գործ տեսնելու օրս Անոնք ձեր ոտքերուն թաթերուն տակ Մոխիր պիտի ըլլան, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։ «Յիշեցէ՛ք իմ ծառայիս Մովսէսին օրէնքը, Այսինքն այն կանոններն ու պատուիրանները, Որոնք անոր տուի Քորեբի մէջ բոլոր Իսրայէլին համար։ Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։ Անիկա հայրերուն սիրտը՝ որդիներուն Ու որդիներուն սիրտը հայրերուն պիտի դարձնէ, Որ չըլլայ թէ ես գամ ու երկիրը անէծքով զարնեմ։ Գիրք ծնունդին Յիսուսի Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին, Աբրահամի որդիին։ Աբրահամ ծնաւ Իսահակը. Իսահակ ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յուդան ու անոր եղբայրները. Յուդա ծնաւ Փարէսը ու Զարան Թամարէն. Փարէս ծնաւ Եսրոնը. Եսրոն ծնաւ Արամը. Արամ ծնաւ Ամինադաբը. Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը. Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը. Սաղմոն ծնաւ Բոոսը Ռախաբէն. Բոոս ծնաւ Ովբէդը Հռութէն. Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն. Յեսսէ ծնաւ Դաւիթ թագաւորը. Դաւիթ թագաւորը ծնաւ Սողոմոնը Ուրիայի կնոջմէն. Սողոմոն ծնաւ Ռոբովամը. Ռոբովամ ծնաւ Աբիան. Աբիա ծնաւ Ասան. Ասա ծնաւ Յովսափատը. Յովսափատ ծնաւ Յովրամը. Յովրամ ծնաւ Ոզիան. Ոզիա ծնաւ Յովաթամը. Յովաթամ ծնաւ Աքազը, Աքազ ծնաւ Եզեկիան. Եզեկիա ծնաւ Մանասէն. Մանասէ ծնաւ Ամոնը. Ամոն ծնաւ Յովսիան. Յովսիա ծնաւ Յեքոնիան ու անոր եղբայրները Բաբելոնեան գերութեան ատենները. Բաբելոն գերութեան երթալէն յետոյ Յեքոնիա ծնաւ Սաղաթիէլը. Սաղաթիէլ՝ Զօրաբաբէլը. Զօրաբաբէլ ծնաւ Աբիուդը. Աբիուդ ծնաւ Եղիակիմը. Եղիակիմ ծնաւ Ազովրը. Ազովր ծնաւ Սադովկը. Սադովկ ծնաւ Աքինը. Աքին ծնաւ Եղիուդը. Եղիուդ ծնաւ Եղիազարը. Եղիազար ծնաւ Մատթանը. Մատթան ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յովսէփը՝ Մարիամին այրը, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս։ Արդ բոլոր սերունդները Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ տասնըչորս սերունդ եւ Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնեան գերութիւնը տասնըչորս սերունդ ու Բաբելոնեան գերութենէն մինչեւ Քրիստոս տասնըչորս սերունդ։ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այս կերպով եղաւ։ Անոր մայրը Մարիամ Յովսէփին նշանուած, դեռ իրարու քով չեկած՝ Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ։ Յովսէփ՝ անոր այրը՝ արդար մարդ ըլլալով ու չուզելով որ զանիկա խայտառակ ընէ, մտածեց որ ծածկաբար արձակէ զանիկա։ Եւ երբ անիկա այս բանը կը մտածէր, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Յո՛վսէփ, Դաւիթի որդի, մի՛ վախնար Մարիամը իբր կին առնելէ, վասն զի անոր ներսիդին ծնածը Սուրբ Հոգիէն է։ Ան որդի մը պիտի ծնանի, անոր անունը Յիսուս պիտի դնես, քանզի անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»։ Այս ամէնը եղաւ, որպէս զի կատարուի Տէրոջմէն ըսուածը մարգարէին միջոցով, որ կ’ըսէ. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ»։ Յովսէփ քունէն արթննալով՝ ինչպէս Տէրոջը հրեշտակը իրեն հրամայեց, այնպէս ըրաւ ու իր կինը քովն առաւ։ Եւ չգիտցաւ զանիկա՝ մինչեւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ։ Անոր անունը Յիսուս դրաւ։ Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլէհէմին մէջ Հերովդէս թագաւորին օրերը, ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ, Ու ըսին. «Ո՞ւր տեղ է ան՝ որ Հրեաներուն թագաւոր ծնաւ. վասն զի մենք արեւելքի մէջ անոր աստղը տեսանք ու եկանք անոր երկրպագութիւն ընելու»։ Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց, խռովեցաւ եւ բոլոր Երուսաղէմ իրեն հետ։ Ապա ժողվելով բոլոր քահանայապետները ու ժողովուրդին դպիրները, հարցուց անոնց թէ՝ Քրիստոսը ո՞ւր պիտի ծնանի։ Անոնք ալ իրեն ըսին. «Հրէաստանի Բեթլէհէմին մէջ։ Վասն զի այսպէս գրուած է մարգարէին ձեռքով. ‘Դուն, Բե՛թլէհէմ, Յուդայի երկիր, Յուդայի իշխաններուն մէջ բնաւ պզտիկ մը չես. վասն զի քեզմէ իշխան մը պիտի ելլէ որ իմ Իսրայէլ ժողովուրդս պիտի հովուէ’»։ Այն ատեն Հերովդէս ծածկաբար մոգերը կանչեց ու ստուգեց անոնցմէ աստղին երեւցած ատենը։ Զանոնք Բեթլէհէմ ղրկելով՝ ըսաւ. «Գացէք ստոյգը իմացէք այն մանուկին վրայով ու երբ գտնէք, ինծի իմացուցէք, որպէս զի ես ալ երթամ, անոր երկրպագութիւն ընեմ»։ Երբ անոնք թագաւորէն այս բանը լսեցին, գացին. եւ ահա այն աստղը որ արեւելքի մէջ տեսեր էին, անոնց առջեւէն գնաց, կեցաւ մանուկին եղած տեղին վրայ։ Երբ տեսան աստղը, շատ ուրախացան։ Տունը մտնելով՝ տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ ու ինկան երկրպագութիւն ըրին անոր եւ իրենց գանձերը բանալով ընծաներ տուին անոր՝ ոսկի ու կնդրուկ եւ զմուռս։ Ու երազի մէջ հրաման առնելով, որ նորէն Հերովդէսին չդառնան, ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը։ Երբ անկէ գացին անոնք, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ Յովսէփին ու ըսաւ. «Ելի՛ր, առ մանուկը ու անոր մայրը ու Եգիպտոս փախիր, հոն կեցիր մինչեւ ես քեզի ըսեմ, քանզի Հերովդէս պիտի փնտռէ այդ մանուկը կորսնցնելու համար»։ Ան ալ ելաւ, մանուկը ու անոր մայրը գիշերով առաւ, գնաց Եգիպտոս եւ մինչեւ Հերովդէսի մահը հոն էր։ Որպէս զի մարգարէին միջոցով Տէրոջմէն ըսուածը կատարուի, որ կ’ըսէ. «Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս»։ Երբ Հերովդէս տեսաւ թէ խաբուեցաւ մոգերէն, սաստիկ սրդողեցաւ ու ղրկեց ջարդեց Բեթլէհէմի եւ անոր ամէն սահմաններուն մէջ գտնուած բոլոր տղաքը՝ երկու տարեկան եւ անկէ վար, այն ժամանակին համեմատ որ մոգերէն ստուգեց։ Այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուածը, որ կ’ըսէ. «Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, ողբ, լաց ու մեծ կոծ. Ռաքէլ կու լար իր տղոցը համար ու չէր ուզեր մխիթարուիլ, վասն զի չկային»։ Երբ Հերովդէս մեռաւ, Տէրոջը հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ Յովսէփին երեւցաւ ու ըսաւ. «Ելի՛ր, ա՛ռ մանուկը ու անոր մայրը եւ գնա Իսրայէլի երկիրը, քանզի մեռան անոնք որ մանուկին կեանքը կը փնտռէին»։ Ան ալ ելաւ, մանուկը ու անոր մայրը առաւ եւ դարձաւ Իսրայէլի երկիրը։ Իսկ երբ լսեց թէ Արքեղայոս թագաւորեց Հրէաստանի վրայ՝ իր հօրը Հերովդէսին տեղ, վախցաւ հոն երթալու ու երազի մէջ պատգամ առնելով՝ Գալիլիայի կողմերը գնաց. Եւ Նազարէթ ըսուած քաղաքը բնակեցաւ, որպէս զի մարգարէներուն խօսքը կատարուի՝ թէ ‘Նազովրեցի պիտի կոչուի’։ Այն օրերը Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ ու Հրէաստանի անապատին մէջ կը քարոզէր, Ու կ’ըսէր. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ Ասիկա ան է՝ որուն համար Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուեցաւ, որ կ’ըսէ. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք»։ Յովհաննէսին հանդերձը ուղտի մազէ էր ու իր մէջքը կաշիէ գօտի ունէր եւ իր կերակուրը մարախ ու վայրենի մեղր էր։ Այն ատեն Երուսաղէմ եւ բոլոր Հրէաստան ու Յորդանանի բոլոր կողմերէն իրեն կու գային Եւ կը մկրտուէին իրմէ Յորդանանի մէջ ու իրենց մեղքերը կը խոստովանէին։ Երբ տեսաւ փարիսեցիներէն ու սադուկեցիներէն շատեր, որ իր մկրտութեանը եկած էին, ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։ Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք. Եւ մի՛ խորհիք դուք ձեր ներսիդին, թէ ‘Մենք մեզի հայր՝ Աբրահամը ունինք’. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։ Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։ Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան համար, բայց իմ ետեւէս եկողը ինծմէ զօրաւոր է։ Ես անոր կօշիկները կրելու արժանի չեմ։ Անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով ու կրակով. Որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու իր ցորենը ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը պիտի այրէ չմարող կրակով»։ Այն ատեն Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան եկաւ Յովհաննէսին, որպէս զի անկէ մկրտուի։ Յովհաննէս կ’արգիլէր զանիկա ու կ’ըսէր. «Ինծի պէտք է որ քեզմէ մկրտուիմ ու դուն ինծի՞ կու գաս»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Թող տուր հիմա, վասն զի այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք»։ Ետքը թող տուաւ անոր։ Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ Այն ատեն Յիսուս անապատը տարուեցաւ Սուրբ Հոգիէն, որպէս զի Սատանայէն փորձուի։ Քառասուն ցորեկ ու քառասուն գիշեր ծոմ պահելէն ետքը անօթեցաւ։ Փորձողը անոր մօտենալով՝ ըսաւ. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ որ այս քարերը հաց ըլլան»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Գրուած է թէ ‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’»։ Այն ատեն Սատանան առաւ տարաւ զանիկա սուրբ քաղաքը եւ կայնեցուց զանիկա տաճարին աշտարակին վրայ Ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ, վասն զի գրուած է թէ Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ ձեռքերնուն վրայ վերցնեն քեզ, որպէս զի չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Դարձեալ գրուած է թէ՝ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։ Սատանան նորէն առաւ հանեց զանիկա խիստ բարձր լերան մը վրայ եւ ցուցուց անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը. Ու ըսաւ անոր. «Ասոնք ամէնը քեզի պիտի տամ, եթէ իյնաս՝ ինծի երկրպագութիւն ընես»։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «[Ետիս] գնա, Սատանա՛յ, վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։ Այն ատեն Սատանան զանիկա թողուց եւ հրեշտակները եկան ու անոր սպասաւորութիւն կ’ընէին։ Երբ լսեց Յիսուս թէ Յովհաննէս մատնուեցաւ, ելաւ գնաց Գալիլիա Ու ձգելով Նազարէթը, եկաւ բնակեցաւ Կափառնայում, ծովեզերեայ քաղաքը, Զաբուղոնի ու Նեփթաղիմի սահմաններուն մէջ, Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը, ծովու ճամբով Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան. Խաւարի մէջ նստող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ եւ լոյս ծագեցաւ անոնց՝ որոնք մահուան երկրին ու շուքին մէջ կը նստէին»։ Անկէ յետոյ Յիսուս սկսաւ քարոզել ու ըսել. «Ապաշխարեցէք, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ Երբ Յիսուս Գալիլիացիներուն ծովուն քովերը կը պտըտէր, տեսաւ երկու եղբայրներ, Պետրոս կոչուած Սիմոնը եւ անոր եղբայրը Անդրէասը, որոնք ծովը ուռկան կը ձգէին, վասն զի ձկնորս էին։ Ըսաւ անոնց. «Իմ ետեւէս եկէք ու ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։ Անոնք ալ շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։ Անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ ուրիշ երկու եղբայրներ, Զեբեդեան Յակոբոսը ու անոր եղբայրը Յովհաննէսը, նաւին մէջ իրենց հօրը Զեբեդիոսի հետ, իրենց ուռկանները կը կարկտնէին ու կանչեց զանոնք. Անոնք ալ շուտ մը նաւն ու հայրերնին թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։ Յիսուս բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր ու ժողովուրդին մէջի ամէն կերպ հիւանդութիւնները ու ամէն կերպ ցաւերը կը բժշկէր։ Անոր համբաւը բոլոր Սուրիա տարածուեցաւ եւ բերին անոր՝ բոլոր հիւանդները, որոնք կերպ կերպ ցաւերով ու տանջանքներով կը նեղուէին եւ դիւահարներ ու լուսնոտներ եւ անդամալոյծներ ու բժշկեց զանոնք։ Եւ շատ ժողովուրդներ անոր ետեւէն կ’երթային, Գալիլիայէն ու Դեկապոլիսէն եւ Երուսաղէմէն ու Հրէաստանէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն։ Տեսնելով ժողովուրդը՝ լեռը ելաւ։ Երբ նստաւ հոն, իր աշակերտները քովը գացին. Իր բերանը բանալով կը սորվեցնէր անոնց ու կ’ըսէր, «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։ Երանի՜ սգաւորներուն, վասն զի անոնք պիտի մխիթարուին։ Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։ Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան, վասն զի անոնք պիտի կշտանան։ Երանի՜ ողորմածներուն, վասն զի անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն։ Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասն զի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած։ Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն, վասն զի անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։ Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։ Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»։ «Դուք էք երկրի աղը։ Եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի։ Անկէ յետոյ բանի մը չի գար, միայն թէ դուրս ձգուելու եւ մարդոց ոտքով կոխկռտուելու։ Դուք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է, չի կրնար պահուիլ։ Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ որ լոյս տայ բոլոր տանը մէջ եղողներուն։ Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ «Մի՛ կարծէք թէ ես եկայ օրէնքը կամ մարգարէները աւրելու։ Աւրելու չեկայ, հապա՝ կատարելու։ Քանզի ճշմարտապէս կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մինչեւ երկինք ու երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ բոլորն ալ կատարուին’։ Ուստի ով որ այս ամենափոքր պատուիրանքներէն մէկը աւրէ ու մարդոց այնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ. բայց ով որ ընէ եւ սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկնքի թագաւորութեանը մէջ։ Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ ձեր արդարութիւնը դպիրներուն ու փարիսեցիներուն արդարութենէն աւելի չըլլայ, բնաւ պիտի չմտնէք երկնքի թագաւորութիւնը»։ «Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սպաննութիւն մի՛ ըներ’։ Ով որ սպաննութիւն ընէ, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ»։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Ով որ իր եղբօրը պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Յիմար ըսէ, ատեանին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ով որ իր եղբօրը Անմիտ ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ։ Ուրեմն եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, Հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես։ Քու ոսոխիդ հետ շուտով միաբանէ, քանի որ անոր հետ ճամբուն մէջ ես։ Չըլլայ թէ քու ոսոխդ քեզ դատաւորին մատնէ եւ դատաւորը դահիճին եւ բանտը ձգուիս։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Պիտի չելլես անկէ՝ մինչեւ որ վերջին նաքարակիտը չվճարես’»։ Լսեր էք որ ըսուեցաւ, «Շնութիւն մի ըներ», Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’։ Արդ եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի։ Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. վասն զի աղէկ է քեզի որ անդամներէդ մէկը կորսուի ու քու բոլոր մարմինդ դժոխքը չձգուի։ Իրաւ, ըսուեցաւ թէ ‘Ով որ իր կինը կ’արձակէ, թող անոր արձակման թուղթ տայ’. Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ իր կինը արձակէ, առանց պոռնկութեան պատճառի, ինք պատճառ կ’ըլլայ անոր շնութիւն ընելուն եւ ով որ այն արձակուածը առնէ, շնութիւն կը գործէ’։ Դարձեալ լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, «Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը»։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Ամենեւին երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ՝ որ Աստուծոյ աթոռն է Եւ ո՛չ ալ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ ալ Երուսաղէմի վրայ՝ որ մեծ Թագաւորին քաղաքն է, Ոչ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ընես, վասն զի չես կրնար մէկ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել։ Հապա ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ»։ Լսեր էք որ ըսուեցաւ. «Աչքի տեղ՝ աչք ու ակռայի տեղ՝ ակռայ»։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Չարին հակառակ մի՛ կենար, հապա եթէ մէկը ապտակ մը զարնէ աջ ծնօտիդ, դարձուր անոր միւսն ալ։ Եթէ մէկը ուզէ քեզի հետ դատ վարել ու քու շապիկդ առնել, թող տուր անոր քու վերարկուդ ալ։ Եւ ով որ քեզ պահակ բռնէ ու մղոն մը ճամբայ քշէ, գնա անոր հետ երկու։ Քեզմէ ուզողին տուր ու երես մի՛ դարձներ անկէ՝ որ կ’ուզէ քեզմէ փոխ առնել»։ Լսեր էք որ ըսուեցաւ. «Քու ընկերդ սիրես ու թշնամիդ ատես»։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք անոնց որ ձեզ կ’ատեն եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն. Որպէս զի ձեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլաք. վասն զի իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ Վասն զի եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ առաւելութիւն կ’ունենաք. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։ Եւ եթէ միայն ձեր եղբայրներուն բարեւ տաք, ի՞նչ աւելի կ’ընէք ուրիշներէն. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։ Ուրեմն դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է»։ «Զգոյշ եղէք որ ձեր ողորմութիւնը մարդոց առջեւ չընէք՝ անոնց երեւնալու համար, եթէ ոչ՝ վարձք չէք առներ ձեր Հօրմէն որ երկինքն է։ Ուստի երբ ողորմութիւն կ’ընես, առջեւդ փող մի՛ հնչեցներ, ինչպէս կեղծաւորները ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ կ’ընեն, որպէս զի մարդոցմէ փառաւորուին. ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։ Իսկ դուն երբ ողորմութիւն կ’ընես, ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ինչ տալը, Որպէս զի քու ողորմութիւնդ գաղտուկ ըլլայ եւ քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։ Ու երբ աղօթք կ’ընես, կեղծաւորներուն նման մի՛ ըլլար, որոնք կը սիրեն ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները կայնելով աղօթք ընել, որպէս զի մարդոց երեւնան. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան։ Իսկ դուն երբ աղօթք կ’ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ եւ աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի եւ քու հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ։ Երբ աղօթք կ’ընէք, հեթանոսներուն պէս շատախօս մի՛ ըլլաք, վասն զի կը կարծեն թէ իրենց շատ խօսելուն համար պիտի լսուին։ Ուրեմն անոնց մի՛ նմանիք, վասն զի ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած»։ Ուստի այսպէս աղօթք ըրէք դուք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ. Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր, Մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն. Ու մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ. քանզի քուկդ է թագաւորութիւնը եւ զօրութիւնը ու փառքը յաւիտեանս։ Ամէն»։ «Վասն զի եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. Իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։ «Երբ ծոմ կը պահէք, կեղծաւորներուն պէս տրտումերես մի՛ ըլլաք. քանզի իրենց երեսները կ’աւրեն որպէս զի մարդոց երեւնան թէ ծոմ կը պահեն. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Անոնք իրենց վարձքը առած կ’ըլլան’։ Բայց դուն երբ ծոմ կը պահես, գլուխդ օծէ ու երեսդ լուա, Որպէս զի մարդոց ծոմ պահողի պէս չերեւնաս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի ։ Քու հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի հատուցում պիտի ընէ»։ Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. Հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան։ Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ։ Մարմնին ճրագը աչքն է, ուրեմն եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ։ Բայց եթէ քու աչքդ վատ է, բոլոր մարմինդ մութ կ’ըլլայ. ուրեմն եթէ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար է, ալ այն խաւարը ո՜րչափ է։ Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի՝ ՝ եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային։ Ուստի կ’ըսեմ ձեզի. «Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, կամ ի՛նչ պիտի խմէք. ոչ ալ ձեր մարմիններուն համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. չէ՞ որ կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը հագուստէն։ Նայեցէք երկնքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ամբարի մէջ կը ժողվեն, բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք անոնցմէ լաւ էք։ Հիմա ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը իր հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ Ու հագուստի համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք. նայեցէք դաշտի շուշաններուն, ի՞նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ։ Ուստի եթէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը փուռը կը ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ Ուրեմն հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ ի՞նչ պիտի հագնինք’։ (Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն). վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին։ Ուստի վաղուան համար հոգ մի ընէք, վասն զի վաղուան օրը իրեն համար հոգ պիտի ընէ. հերիք է օրուան իր նեղութիւնը»։ Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անով պիտի չափուի ձեզի։ Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ, ‘Թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ’. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու։ «Սուրբ բանը շուներուն մի՛ տաք եւ ձեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ մի՛ ձգէք, որպէս զի ոտքերնուն տակ չկոխկռտեն զանոնք ու դառնան ձեզ պատառեն»։ «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ, եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր։ Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ՝ որմէ եթէ իր որդին հաց ուզէ, ինք քար տայ անոր, Եւ կամ եթէ ձուկ ուզէ, օձ տայ անոր։ Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն։ «Ուստի ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք, քանզի այս է օրէնքը ու մարգարէները»։ «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։ «Զգոյշ կեցէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ձեզի կու գան ոչխարի հանդերձներով, բայց ներսէն յափշտակող գայլեր են։ Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։ Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։ Բարի ծառը չի կրնար չար պտուղ տալ, ոչ ալ չար ծառը բարի պտուղ տալ։ Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի։ Ուրեմն իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք»։ «Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ։ Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ մարգարէութիւն ըրինք եւ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ շատ հրաշքներ ըրինք’։ Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ Ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք»։ «Արդ ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը կատարէ զանոնք, զանիկա պիտի նմանցնեմ խելացի մարդու մը՝ որ իր տունը վէմի վրայ շինեց։ Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին, զարկին այդ տանը, բայց չփլաւ, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր։ Այն որ այս իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի անխելք մարդու մը՝ որ իր տունը աւազի վրայ շինեց։ Անձրեւ իջաւ ու գետերը վազեցին ու հովերը փչեցին եւ զարկին այն տանը ու փլաւ։ Մեծ էր անոր կործանումը»։ Ու երբ Յիսուս լմնցուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը զարմանար անոր վարդապետութեանը վրայ։ Վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս։ Երբ լեռնէն վար իջաւ, շատեր գացին անոր ետեւէն։ Ահա բորոտ մը եկաւ, երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Շուտ մը անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Զգոյշ կեցիր, մարդո՛ւ չըսես, հապա գնա, քեզ քահանային ցուցուր եւ Մովսէսին պատուիրած ընծան տուր, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։ Երբ Կափառնայում մտաւ, հարիւրապետ մը եկաւ քովը, կ’աղաչէր անոր, Ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր, ծառաս տունը անդամալոյծ պառկած չարաչար կը տանջուի»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես կու գամ ու զանիկա կը բժշկեմ»։ Հարիւրապետը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես. միայն խօսքով հրամայէ ու իմ ծառաս պիտի բժշկուի։ Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ մարդ եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’, ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, ու կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’, ու կ’ընէ»։ Յիսուս երբ լսեց, զարմացաւ եւ իր ետեւէն գացողներուն ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ արեւելքէն ու արեւմուտքէն շատեր պիտի գան ու երկնքի թագաւորութեանը մէջ պիտի բազմին Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին հետ. Իսկ թագաւորութեանը որդիները դուրսի խաւարը պիտի հանուին. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել» Յիսուս հարիւրապետին ըսաւ. «Գնա ու ինչպէս դուն հաւատացիր, այնպէս թող ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր ծառան բժշկուեցաւ։ Յիսուս Պետրոսի տունը գալով, տեսաւ որ անոր զոքանչը ջերմէն բռնուած՝ պառկած էր։ Անոր ձեռքէն բռնեց ու ջերմը թող տուաւ զանիկա։ Ան ալ ոտքի ելաւ եւ անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։ Երբ իրիկուն եղաւ, շատ դիւահարներ բերին անոր։ Խօսքով հանեց չար ոգիները եւ բոլոր հիւանդները բժշկեց. Որպէս զի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը կատարուի. «Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը կրեց»։ Յիսուս իր բոլորտիքը շատ ժողովուրդ տեսնելով, հրաման ըրաւ որ միւս կողմը երթան։ Դպիր մը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ես քու ետեւէդ պիտի գամ ուր որ երթաս»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։ Ուրիշ մը, որ անոր աշակերտներէն էր, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր, որ երթամ առաջ իմ հայրս թաղեմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Եկուր իմ ետեւէս ու թող տուր մեռելներուն, որ թաղեն իրենց մեռելները»։ Երբ նաւը մտաւ, իր աշակերտները իր ետեւէն գացին։ Ահա մեծ ալեկոծութիւն մը եղաւ ծովուն մէջ, այնպէս որ նաւը ալիքներէն կը ծածկուէր. իսկ ինք կը քնանար։ Աշակերտները իր մօտ գացին, արթնցուցին զանիկա ու ըսին. «Տէ՛ր, ազատէ մեզ, ահա կը կորսուինք»։ Ան ըսաւ անոնց. «Թերա՛հաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք»։ Ելաւ հովերուն ու ծովուն սաստեց եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ Ու մարդիկ զարմացան եւ կ’ըսէին. «Ի՜նչպիսի մարդ է աս որ հովերն ու ծովը իրեն կը հնազանդին»։ Երբ միւս կողմը Գերգեսացիներուն երկիրը անցաւ, երկու դիւահարներ պատահեցան իրեն գերեզմաններէն ելած՝ սաստիկ կատղած, այնպէս որ անհնար էր որ մարդ այդ ճամբայէն անցնէր։ Ահա աղաղակեցին ու ըսին. «Յիսո՛ւս, Որդի Աստուծոյ, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, ատենէն առաջ մեզ տանջելո՞ւ համար հոս եկար»։ Անոնցմէ հեռու շատ խոզերու երամակ մը կար, որոնք կ’արածէին։ Դեւերը կ’աղաչէին իրեն ու կ’ըսէին. ‘Եթէ մեզ հանես, հրաման տուր մեզի որ երթանք խոզերուն երամակին մէջ մտնենք ’։ Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք»։ Անոնք ելան գացին խոզերուն երամակին մէջ մտան եւ ահա բոլոր երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեցին ու ջուրերու մէջ մեռան։ Խոզարածներն ալ փախան եւ քաղաքը երթալով պատմեցին դիւահարներուն պատահած բաները։ Ուստի բոլոր քաղաքը Յիսուսի դէմը ելաւ ու երբ տեսան զանիկա, աղաչեցին որ իրենց սահմաններէն երթայ։ Նաւը մտնելով անդիի կողմը անցաւ ու գնաց իր քաղաքը։ Իրեն անդամալոյծ մը բերին, որ մահիճի մէջ պառկած էր։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Քաջալերուէ՛, որդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։ Դպիրներէն ոմանք իրենց մտքին մէջ ըսին. «Ատիկա հայհոյութիւն կ’ընէ»։ Յիսուս անոնց խորհուրդները իմանալով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ սրտներուդ մէջ չար բաներ կը խորհիք։ Ո՞րը աւելի դիւրին է. ‘Քու մեղքերդ ներուած են՝ ըսե՞լը, թէ ելիր ու քալէ՝ ըսելը’։ Բայց որպէսզի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու (այն ատեն անդամալոյծին ըսաւ), «Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։ Անիկա ելաւ իր տունը գնաց։ Ներկաները երբ տեսան, զարմացան ու փառաւորեցին Աստուած, որ մարդոց այնպիսի իշխանութիւն տուեր է։ Յիսուս անկէ յառաջ երթալով՝ մարդ մը տեսաւ Մատթէոս անունով, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր, ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։ Ան ալ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։ Տունը սեղան նստած ատենը՝ ահա ուրիշ շատ մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ եկած ու սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ։ Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը մաքսաւորներու ու մեղաւորներու հետ կ’ուտէ»։ Յիսուս՝ երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն։ Գացէ՛ք, սորվեցէք թէ ի՛նչ է այս խօսքը. ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ’. վասն զի ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները ապաշխարութեան»։ Այն ատեն Յովհաննէսին աշակերտները անոր եկան ու ըսին. «Ինչո՞ւ մենք ու փարիսեցիները շատ անգամ ծոմ կը պահենք, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է որ հարսնիքին տղաքը սուգ պահեն, քանի որ փեսան իրենց հետ է. բայց օրեր պիտի գան երբ փեսան իրենցմէ վերցուի, այն ատեն ծոմ պիտի պահեն։ Մէկը չի ձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի մը վրայ, քանզի այն որ անոր լրութեանը համար դրուած է, կ’առնէ հանդերձէն ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ. Ո՛չ ալ նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնեն. քանի որ տիկերը կը պատռին ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ կը դնեն ու երկուքն ալ կը պահուին»։ Երբ անիկա անոնց հետ այս բաները կը խօսէր, ահա իշխան մը եկաւ, երկրպագութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Աղջիկս թերեւս մինչեւ հիմա մեռած է, բայց եկուր ձեռքդ անոր վրայ դիր ու պիտի ապրի»։ Յիսուս ելաւ ու իր աշակերտներուն հետ անոր ետեւէն գնաց։ Ահա տասներկու տարուան տեռատես կին մը մօտեցաւ ետեւէն, անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ. Քանզի իր մտքին մէջ կ’ըսէր. «Միայն անոր հանդերձին դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։ Յիսուս երբ ետին դարձաւ ու տեսաւ զանիկա, ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Կինը նոյն ժամուն բժշկուեցաւ։ Երբ Յիսուս իշխանին տունը հասաւ, տեսաւ փողահարները եւ խռոված բազմութիւնը, Ըսաւ անոնց. «Մէկդի գացէք, վասն զի աղջիկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ Ոմանք կը ծաղրէին զանիկա։ Երբ բազմութիւնը դուրս ղրկուեցաւ, ինք ներս մտաւ, անոր ձեռքէն բռնեց ու աղջիկը ոտքի ելաւ։ Այս լուրը բոլոր երկիրը տարածուեցաւ։ Երբ Յիսուս անկէ յառաջ անցաւ, երկու կոյր ինկան անոր ետեւէն, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ողորմէ՛ մեզի, Դաւիթի՛ Որդի»։ Երբ տուն հասաւ, կոյրերը իրեն եկան։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ այս բանը ձեզի ընել»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէր»։ Այն ատեն անոնց աչքերուն դպաւ ու ըսաւ. «Ձեր հաւատքին պէս ըլլայ ձեզի»։ Անոնց աչքերը բացուեցան։ Յիսուս սաստիկ պատուէր տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք, մէ՛կը չիմանայ»։ Բայց անոնք ելան, այն բոլոր երկրին մէջ անոր համբաւը տարածեցին։ Երբ անոնք դուրս ելան, ահա համր դիւահար մարդ մը բերին իրեն։ Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ։ Եւ ժողովուրդը զարմացաւ ու կ’ըսէին թէ՝ Իսրայէլի մէջ բնաւ այսպիսի բան տեսնուած չէր։ Բայց փարիսեցիները կ’ըսէին. «Ատիկա դեւերուն իշխանութիւնովը դեւեր կը հանէ»։ Յիսուս կը պտըտէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը եւ կը բժշկէր բոլոր ախտերն ու բոլոր հիւանդութիւնները ժողովուրդին մէջ։ Ժողովուրդները տեսնելով, անոնց վրայ խղճաց, վասն զի յոգնած ու ցիրուցան եղած էին հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։ Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը շատ է, բայց մշակները՝ քիչ, Ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք, որ մշակներ հանէ իր հունձքին»։ Յիսուս իր քով կանչելով իր տասներկու աշակերտները, անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ, որպէս զի զանոնք հանեն եւ ամէն ցաւ ու ամէն հիւանդութիւն բժշկեն։ Տասներկու առքեալներուն անունները ասոնք են. առաջինը Սիմոն, Պետրոս ըսուածը եւ անոր եղբայրը Անդրէաս, Յակոբոս Զեբեդեան եւ անոր եղբայրը Յովհաննէս, Փիլիպպոս եւ Բարթողիմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս մաքսաւոր, Յակոբոս Ալփեան եւ Ղեբէոս որ Թադէոս մականուանեցաւ, Սիմոն Կանանացի եւ Յուդա Իսկարիովտացի, որ մատնեց զանիկա։ Յիսուս այս տասներկուքը ղրկեց եւ անոնց պատուիրեց՝ ըսելով. «Հեթանոսներու ճամբայ մի երթաք ու Սամարացիներու քաղաք մի մտնէք, Հապա աւելի Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն գացէք։ Ու երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’։ Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, դեւերը հանեցէք. ձրի առեր էք, ձրի տուէք։ Մի՛ ստանաք ոսկի եւ ո՛չ արծաթ եւ ո՛չ պղինձ ձեր գօտիներուն մէջ։ Ո՛չ ճամբու համար պարկ եւ ո՛չ կրկին հանդերձ, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ գաւազան. վասն զի մշակը իր կերակուրին արժանի է։ Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, հարցուցէք թէ ո՞վ է անոր մէջ արժանաւորը ու անոր քով կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք։ Երբ տունը կը մտնէք, բարեւ տուէք անոր։ Եթէ այն տունը արժանաւոր է, ձեր բարեւը անոր վրայ ըլլայ, իսկ եթէ արժանաւոր չէ, ձեր բարեւը ձեզի դառնայ։ Եթէ մէկը ձեզ չընդունի ու ձեր խօսքերը մտիկ չընէ, երբ այն տունէն կամ քաղաքէն կ’ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին թօթուեցէք։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Սոդոմացիներուն ու Գոմորացիներուն երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը քան թէ այն քաղաքին»։ Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. ուստի օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ։ Իսկ մարդոցմէ զգուշացէք. վասն զի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու իրենց ժողովարաններուն մէջ ձեզ պիտի ծեծեն։ Եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք, անոնց եւ հեթանոսներուն վկայութիւն ըլլալու համար։ Բայց երբ ձեզ մատնեն, հոգ մի՛ ընէք թէ ինչպէ՛ս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, վասն զի ձեզի պիտի տրուի այն ժամուն՝ ինչ որ պիտի խօսիք։ Վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօրը Հոգին՝ որ ձեր ներսիդին կը խօսի։ Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին. եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։ Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ Երբ այս քաղաքին մէջ ձեզ հալածեն, ուրիշ քաղաք փախէք, քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Իսրայէլի քաղաքները պիտի չհատցնէք, մինչեւ Որդին մարդոյ գայ։ Աշակերտը իր վարդապետէն աւելի չէ եւ ոչ ծառան՝ իր տիրոջմէն։ Հերիք է աշակերտին՝ որ իր վարդապետին պէս ըլլայ ու ծառային՝ իր տիրոջը պէս։ Եթէ տանտէրը Բէեղզեբուղ կոչեցին, ո՜րչափ աւելի անոր ընտանիքը։ Ուստի մի՛ վախնաք անոնցմէ, վասն զի բան մը չկայ ծածուկ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ պիտի չգիտցուի։ Ինչ որ ձեզի մութի մէջ կ’ըսեմ, զանիկա լոյսի մէջ խօսեցէք եւ ինչ որ ականջն ի վար կը լսէք, տանիքներուն վրայ քարոզեցէք։ Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու չեն կրնար հոգին սպաննել. հապա աւելի անկէ վախցէք, որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել։ Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չիյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք։ Ա՛րդ՝ ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ «Մի՛ կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութիւն ձգելու եկայ։ Խաղաղութիւն ձգելու չեկայ, հապա՝ սուր։ Վասն զի եկայ տղան իր հօրմէն զատելու ու աղջիկը՝ իր մօրմէն ու հարսը՝ կեսուրէն։ Մարդուն թշնամիները իր ընտանիքը պիտի ըլլան։ Ան որ հայրը կամ մայրը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ եւ ան որ տղան կամ աղջիկը ինծմէ աւելի կը սիրէ, ինծի արժանի չէ։ Ան որ իր խաչը չառներ ու իմ ետեւէս գար, ինծի արժանի չէ։ Ան որ իր անձը կը գտնէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը ինծի համար կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա։ «Ան որ ձեզ կ’ընդունի, զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի։ Ան որ մարգարէ մը կ’ընդունի մարգարէի անունով, մարգարէի վարձք պիտի առնէ եւ ան որ արդար մը կ’ընդունի արդարի անունով, արդարի վարձք պիտի առնէ։ Ու ան որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ աշակերտի անունով, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, բնաւ իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ»։ Երբ Յիսուս լմնցուց իր տասներկու աշակերտներուն պատուէր տալը, գնաց անոնց քաղաքներուն մէջ քարոզելու եւ սորվեցնելու։ Յովհաննէս բանտին մէջ երբ լսեց Քրիստոսի գործերը, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկելով՝ հարցուց անոր. «Դուն ա՞ն ես, որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք պատմեցէք Յովհաննէսին ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. Կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն ու աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։ Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։ Երբ անոնք գացին, Յիսուս սկսաւ ժողովուրդին ըսել Յովհաննէսին համար. «Ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած։ Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը. ահա փափուկ հանդերձներ հագնողները թագաւորներուն տուներն են։ Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. մարգարէ՞։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, մարգարէէ մըն ալ աւելի։ Վասն զի ասիկա է՝ որու համար գրուած է. ‘Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պիտի պատրաստէ քու առջեւէդ’։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը ելած չէ. սակայն երկնքի թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է։ Ու Յովհաննէս Մկրտչին օրերէն մինչեւ հիմա երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ’առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա։ Վասն զի բոլոր մարգարէները ու օրէնքը մինչեւ Յովհաննէս՝ մարգարէութիւն ըրին։ Եթէ կ’ուզէք ընդունիլ, անիկա է Եղիան՝ որ պիտի գար։ Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ։ Բայց որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգը։ Կը նմանի տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրենց ընկերներուն կը կանչեն, Ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք, ողբ կարդացինք ձեզի՝ ու կոծ չըրիք’։ Վասն զի Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ’ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ’ըսէին. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսեն. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու ու մեղաւորներու բարեկամ’։ Իմաստութիւնը արդարացաւ իր որդիներէն»։ Այն ատեն սկսաւ նախատել այն քաղաքները, որոնց մէջ կատարեր էր իր հրաշքներէն շատերը, քանզի չապաշխարեցին. «Վա՜յ քեզի, Քորազին, վա՜յ քեզի Բեթսայիդա, վասն զի եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները, որոնք ձեր մէջ եղան, շատոնցմէ քուրձով ու մոխիրով ապաշխարած պիտի ըլլային։ Բայց ձեզի կ’ըսեմ, Տիւրոսի եւ Սիդոնի աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան թէ ձեզի։ Եւ դո՛ւն, Կափառնայում, որ մինչեւ երկինք բարձրացած ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես, վասն զի եթէ Սոդոմի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները, որոնք քու մէջդ եղան, իրաւ որ մինչեւ այսօր դեռ պիտի մնար։ Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սոդոմացիներու երկրին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը՝ քան քեզի»։ Նոյն ժամանակ Յիսուս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։ Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ։ Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը եւ մէ՛կը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել։ Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ։ Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ ինծմէ սորվեցէք՝ որ հեզ եմ ու սրտով խոնարհ եւ ձեր անձերուն հանգստութիւն պիտի գտնէք. Վասն զի իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս թեթեւ»։ Յիսուս շաբաթ օր մը կ’երթար արտերուն մէջէն, երբ իր աշակերտները անօթեցան, սկսան ցորենի հասկեր փրցնել եւ ուտել։ Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր. «Ահա քու աշակերտներդ կը գործեն, մինչդեռ արտօնուած չէ շաբաթ օրը գործել»։ Ան ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը։ Երբ անօթեցան ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին. Մտաւ Աստուծոյ տունը եւ առաջաւորութեան հացերը կերաւ, որ ո՛չ իրեն օրինաւոր էր ուտել եւ ո՛չ անոնց որ իրեն հետ էին, բայց միայն քահանաներուն։ Կամ թէ օրէնքին մէջ չէ՞ք կարդացեր, որ քահանաները շաբաթ օրերը տաճարին մէջ շաբաթը կը պղծեն ու անմեղ են։ Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ այստեղ տաճարէն մեծ մէկը կայ։ Եթէ գիտնայիք թէ ի՛նչ ըսել է ‘Ողորմութիւն կ’ուզեմ ու ո՛չ թէ զոհ’, այն ատեն անպարտները չէիք դատապարտեր. Քանզի Որդին մարդոյ շաբաթին տէրն է»։ Անկէ երթալով՝ գնաց անոնց ժողովարանը։ Հոն մարդ մը կար, որուն ձեռքը չորցած էր։ Հարցուցին անոր. «Շաբաթ օրը բժշկել արժա՞ն է», որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞ր մարդը կայ, որ ոչխար մը ունենայ եւ անիկա շաբաթ օրը փոսի մէջ իյնայ, չի բռներ ու վեր հաներ զանիկա։ Արդ՝ ո՜րչափ աւելի է մարդը ոչխարէն։ Ուրեմն շաբաթ օրը բարի գործել արժան է»։ Այն ատեն ըսաւ այն մարդուն. «Երկնցուր ձեռքդ»։ Ան ալ երկնցուց ու ողջնցաւ միւսին պէս։ Իսկ փարիսեցիները դուրս ելլելով՝ անոր վրայով խորհուրդ կ’ընէին թէ ի՞նչպէս զանիկա կորսնցնեն։ Յիսուս երբ գիտցաւ, դատուեցաւ անկէ եւ շատ ժողովուրդ անոր ետեւէն գացին ու ամէնքը բժշկեց, Բայց սաստիկ պատուիրեց անոնց, որ զինք մարդո՛ւ չյայտնեն. Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէի միջոցով ըսուած խօսքը. «Ահա իմ ծառաս, զոր ընտրեցի եւ իմ սիրելիս, որուն հաւնեցաւ իմ անձս. իմ Հոգիս անոր վրայ պիտի դնեմ ու հեթանոսներուն իրաւունք պիտի տայ։ Ո՛չ պիտի վիճի եւ ո՛չ պիտի աղաղակէ եւ ո՛չ մէկը պիտի լսէ անոր ձայնը հրապարակներուն մէջ։ Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ ու պլպլած պատրոյգը պիտի չմարէ, մինչեւ արդարութիւնը յաղթանակի հասցնէ։ Եւ հեթանոսները անոր անունը պիտի յուսան»։ Այն ատեն կոյր ու համր դիւահար մը բերին իրեն եւ զանիկա բժշկեց, այնպէս որ համր ու կոյրը խօսեցաւ ու տեսաւ։ Բոլոր ժողովուրդը զարմացած կ’ըսէին. «Արդեօք ասիկա՞ է Դաւիթին որդին»։ Բայց փարիսեցիները երբ լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա ուրիշ բանով չի հաներ դեւերը, բայց դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանովը»։ Յիսուս անոնց խորհուրդները իմանալով ըսաւ անոնց. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն մէջ բաժնուած կ’աւերի. եւ ամէն քաղաք կամ տուն իրեն դէմ բաժնուած՝ չի կրնար կենալ։ Եթէ Սատանան Սատանայ հանէ, իրեն դէմ բաժնուեցաւ. ուստի ի՞նչպէս պիտի կենայ անոր թագաւորութիւնը։ Ու եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդիները ինչո՞վ կը հանեն. ուրեմն անոնք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները։ Բայց եթէ ես Աստուծոյ Հոգիովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է։ Կամ ի՞նչպէս կրնայ մէկը զօրաւոր մարդու մը տունը մտնել եւ անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ այն զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ։ Ան որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր, ցիրուցան կ’ընէ։ Անոր համար ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամէն մեղք ու հայհոյութիւն պիտի ներուի մարդոց, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ եղած հայհոյութիւնը պիտի չներուի մարդոց’։ Ով որ Որդի մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ ըսէ, պիտի չներուի անոր, ո՛չ այս աշխարհին մէջ եւ ոչ գալու աշխարհ ին մէջ։ Կամ ծառը բարի ըրէք ու անոր պտուղը բարի, կա՛մ ծառը չար ըրէք ու անոր պտուղը չար. վասն զի ծառը պտուղէն կը ճանչցուի։ Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք բարի խօսիլ, որ չար էք. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի։ Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարի բաներ կը հանէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չար բաներ կը հանէ։ Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ ‘Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան’։ Վասն զի քու խօսքերէդ պիտի արդարանաս եւ քու խօսքերէդ պիտի դատապարտուիս»։ Այն ատեն դպիրներէն ու փարիսեցիներէն ոմանք իրեն ըսին. «Վա՛րդապետ, կ’ուզենք քեզմէ նշան մը տեսնել»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ. «Չար եւ շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը։ Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտ ձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս Որդին մարդոյ պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր։ Նինուէի մարդիկը դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն ասիկա, վասն զի Յովնանի քարոզութիւնովը զղջացին։ Ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս։ Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասիկա, վասն զի ինք երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու. եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս»։ «Երբ պիղծ ոգին մարդէ մը ելլէ, անջուր տեղերը պտըտի՝ հանգստութիւն փնտռէ ու չգտնէ. Այն ատեն կ’ըսէ. ‘Դառնամ նորէն իմ տունս, ուրկէ ելայ’։ Կու գայ զանիկա կը գտնէ պարապ, մաքրուած ու յարդարուած։ Այն ատեն կ’երթայ եւ իրեն հետ կ’առնէ եօթը ուրիշ ոգիներ իրմէ աւելի չար ու մտնելով հոն կը բնակին։ Այն մարդուն վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։ Այսպէս պիտի ըլլայ այս չար ազգին ալ»։ Մինչ ինք ժողովուրդին կը խօսէր, իր մայրը ու եղբայրները դուրսը կայներ էին եւ կ’ուզէին իրեն հետ խօսիլ։ Մէկը իրեն ըսաւ. «Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ կ՛ուզեն քեզի հետ խօսիլ»։ Ան ալ իրեն ըսողին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է իմ մայրս եւ որո՞նք են իմ եղբայրներս»։ Եւ իր ձեռքը դէպի իր աշակերտները երկնցնելով՝ ըսաւ. «Ահա իմ մայրս եւ իմ եղբայրներս. Վասն զի ով որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։ Այն օրը Յիսուս տունէն ելլելով ծովուն եզերքը նստաւ։ Շատ ժողովուրդ քովը ժողովուեցան, այնպէս որ ինք նաւը մտաւ ու նստաւ եւ բոլոր ժողովուրդը ծովեզերքը կայներ էր։ Շատ բաներ խօսեցաւ անոնց առակներով եւ ըսաւ. «Ահա սերմ ցանողը ելաւ որ սերմ ցանէ։ Երբ կը ցանէր, մէկ քանիները ճամբուն քով ինկան եւ թռչունները եկան ու կերան զանոնք։ Ուրիշներ ապառաժուտ տեղերու վրայ ինկան, ուր շատ հող չկար եւ շուտ մը բուսան՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար. Սակայն արեւուն ծագած ատենը այրեցան ու արմատ չունենալուն համար չորցան։ Ուրիշներ ինկան փուշերու մէջ։ Փուշերը ելան ու խեղդեցին զանոնք։ Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին ո՛րը մէկուն տեղ հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն եւ ո՛րը՝ երեսուն։ Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։ Աշակերտները մօտենալով՝ ըսին իրեն. «Ինչո՞ւ համար առակներով կը խօսիս անոնց»։ Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Անոր համար՝ որ ձեզի տրուած է գիտնալ երկնքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ։ Վասն զի ով որ ունի, անոր պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ ով որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։ Անոր համար առակներով կը խօսիմ անոնց, որ կը տեսնեն՝ ու չեն տեսներ եւ կը լսեն՝ ու չեն լսեր ու միտք չեն առներ։ Անոնց վրայ պիտի կատարուի Եսայի մարգարէութիւնը որ կ’ըսէ. ‘Լսելով պիտի լսէք ու պիտի չիմանաք։ Տեսնելով պիտի տեսնէք ու պիտի չտեսնէք’։ Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որպէս զի չըլլայ թէ աչքերով տեսնեն եւ ականջներով լսեն եւ սրտով իմանան ու դարձի գան եւ ես զանոնք բժշկեմ։ Բայց երանի՜ է ձեր աչքերուն, որոնք կը տեսնեն ու ձեր ականջներուն, որոնք կը լսեն, Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ արդարներ փափաքեցան ձեր տեսածները տեսնել ու չտեսան եւ ձեր լսածները լսել՝ ու չլսեցին»։ «Հիմա դուք սերմ ցանողին առակը լսեցիք։ Ամէն ով որ թագաւորութեան խօսքը կը լսէ ու միտք չառներ, չարը կու գայ ու անոր սրտին մէջ ցանուածը կը յափշտակէ։ Ասիկա այն է որ ճամբուն քով ցանուեցաւ։ Ապառաժուտ տեղերու վրայ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունի զանիկա։ Բայց իր մէջ արմատ չունենալով, քիչ ժամանակ կը տեւէ ու երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղի։ Փուշերուն մէջ ցանուածը այն է որ երբ կը լսէ խօսքը, աշխարհիս զբաղմունքը եւ հարստութեան խաբէութիւնը խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլայ անպտուղ, Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն», Ուրիշ առակ մըն ալ յառաջ բերաւ անոնց ու ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը նմանեցաւ մարդու մը, որ իր արտին մէջ բարի սերմ ցանեց։ Երբ մարդիկ կը քնանային իր թշնամին եկաւ ու ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։ Երբ խոտը բուսաւ ու պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ։ Ուստի տանտիրոջ ծառաները մօտեցան ու իրեն ըսին. ‘Տէ՛ր, չէ՞ որ դուն քու արտիդ մէջ բարի սերմ ցանեցիր. ուրեմն որոմը ուրկէ՞ է’։ Անիկա ըսաւ անոնց. ‘Թշնամի մարդ մը ըրած է ատիկա’։ Ծառաները իրեն ըսին. ‘Հիմա կ’ուզե՞ս որ երթանք զանոնք քաղենք’։ Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեննիդ ցորենն ալ անոր հետ փրցնէք։ Թող տուէ՛ք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը։ Եւ հունձքի ատենը հնձողներուն պիտի ըսեմ. ‘Առաջ որոմը քաղեցէք, խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք’»։ Ուրիշ առակ մըն ալ յառաջ բերաւ անոնց ու ըսաւ. «Երկնքի թագաւորութիւնը մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ, իր արտին մէջ ցանեց։ Ան՝ բոլոր սերմերէն պզտիկ է, բայց երբ աճի, բոլոր խոտեղէններէն մեծ ծառ կ’ըլլայ, այնպէս որ երկնքի թռչունները կու գան եւ անոր ճիւղերուն վրայ կը հանգչին»։ Ուրիշ առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Երկնքի թագաւորութիւնը խմորի նման է, որ կին մը առաւ, երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց մինչեւ բոլորն ալ խմորուեցաւ»։ Յիսուս այս ամէն բաները առակներով խօսեցաւ ժողովուրդին։ Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց, Որպէս զի կատարուի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Առակներով պիտի բանամ իմ բերանս ու աշխարհի սկիզբէն ի վեր ծածկուած բաները յառաջ պիտի բերեմ»։ Երբ Յիսուս ժողովուրդը թողուց, տունը գնաց։ Իր աշակերտները մօտեցան իրեն ու ըսին. «Արտին որոմներուն առակը մեկնէ մեզի»։ Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Բարի սերմը ցանողը Որդին մարդոյ է. Արտը աշխարհս է։ Բարի սերմը թագաւորութեանը որդիներն են, բայց որոմը չարին որդիներն են։ Թշնամին որ զանիկա ցանեց, Սատանան է եւ հունձքը աշխարհիս վերջն է ու հնձողները հրեշտակներն են։ Արդ ինչպէս որ որոմը կը ժողվուի ու կրակի մէջ կ’այրուի, աշխարհիս վերջն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Որդին մարդոյ իր հրեշտակները պիտի ղրկէ ու պիտի ժողվեն անոր թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւնները եւ զանոնք, որ անօրէնութիւն կը գործեն Ու կրակի հնոցին մէջ պիտի ձգեն զանոնք։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել։ Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ։ Ան որ լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։ «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը արտի մէջ պահուած գանձի մը նման է, որ մարդ մը գտնելով՝ կը ծածկէ եւ ուրախութենէն կ’երթայ բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու այն արտը կը գնէ»։ «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը վաճառական մարդու մը նման է, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ. Եւ պատուական մարգարիտ մը գտնելով, կ’երթայ իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ ու զանիկա կը գնէ»։ «Դարձեալ երկնքի թագաւորութիւնը ծովը ձգուած ուռկանի մը նման է, որ ամէն տեսակ ձուկ կը ժողվէ։ Երբ ուռկանը լեցուեցաւ, ցամաքը հանեցին ու նստան աղէկները ամաններու մէջ ժողվեցին եւ անշահը դուրս ձգեցին։ Այսպէս պիտի ըլլայ աշխարհիս վերջը։ Հրեշտակները պիտի ելլեն ու արդարներուն մէջէն չարերը պիտի զատեն. Եւ պիտի ձգեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հասկցա՞ք այս ամէն բաները»։ Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Անոր համար ամէն դպիր որ երկնքի թագաւորութեան աշակերտ եղած է, նման է տանտէր մարդու մը որ իր գանձէն նոր ու հին բաներ կը հանէ»։ Երբ Յիսուս այս առակները լրացուց, անկէ մեկնեցաւ. Եւ գնաց իր գաւառը ու անոնց կը սորվեցնէր իրենց ժողովարանին մէջ, անոնք ալ կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս իմաստութիւնը եւ հրաշքները։ Ասիկա հիւսնին որդին չէ՞. ասոր մայրը Մարիամ չի՞ կոչուիր։ Ասոր եղբայրները՝ Յակոբոս եւ Յովսէս ու Սիմոն եւ Յուդա. Ու ասոր քոյրերը ամէնքը մեր քով չե՞ն։ Ալ ինք ուրկէ՞ ունի այս ամէն բաները»։ Անոր վրայով կը գայթակղէին. բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը անպատիւ չէ, բայց միայն իր գաւառին ու իր տանը մէջ»։ Հոն շատ հրաշքներ չըրաւ անոնց անհաւատութեանը համար։ Երբ Հերովդէս չորրորդապետը Յիսուսի համբաւը լսեց իր ծառաներուն ըսաւ. «Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, մեռելներէն յարութիւն առած եւ անոր համար հրաշքներ կ’ըլլան անով»։ Քանզի Հերովդէս Յովհաննէսը բռներ, զանիկա կապեր ու բանտը դրեր էր, իր եղբօր Փիլիպպոսին կնոջ՝ Հերովդիային համար։ Վասն զի Յովհաննէս անոր կ’ըսէր. «Քեզի օրինաւոր չէ զանիկա կին առնելը»։ Ուստի կ’ուզէր զանիկա սպաննել, բայց ժողովուրդէն կը վախնար, վասն զի իբրեւ մարգարէ կ’ընդունէին զանիկա։ Երբ Հերովդէսին ծննդեան օրը եկաւ, Հերովդիային աղջիկը խաղաց հանդէսի սրահին մէջ ու Հերովդէսին հաճելի եղաւ։ Ուստի երդումով խոստացաւ որ տայ անոր ի՛նչ որ ուզելու ըլլայ։ Անիկա առաջ իր մօրմէն խրատուելով՝ ըսաւ. «Տուր ինծի Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը՝ սկուտեղի մը վրայ»։ Թագաւորը տրտմեցաւ, բայց երդումներուն ու իրեն հետ նստողներուն համար հրաման ըրաւ որ տրուի։ Եւ մարդ ղրկելով՝ բանտին մէջ Յովհաննէսը գլխատեց։ Անոր գլուխը սկուտեղով բերուեցաւ ու տրուեցաւ աղջկան։ Ան ալ իր մօրը տուաւ։ Անոր աշակերտները եկան ու մարմինը վերցնելով թաղեցին, գացին Յիսուսին պատմեցին։ Երբ Յիսուս լսեց, անկէ նաւով անապատ մը գնաց առանձին։ Երբ ժողովուրդը լսեց, ոտքով անոր ետեւէն գացին իրենց քաղաքներէն։ Երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ ու անոնց հիւանդները բժշկեց։ Իրիկունը իր աշակերտները եկան ու ըսին. « Հոս անապատ տեղ մըն է եւ ժամանակը ուշացած է. արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի գիւղերը երթան ու իրենց կերակուր գնեն»։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէք անոնց որ ուտեն»։ Անոնք ալ ըսին. «Հոս ուրիշ բան մը չունինք, բայց միայն հինգ նկանակ ու երկու ձուկ»։ Ըսաւ անոնց. «Հոս, ինծի բերէք զանոնք»։ Եւ հրաման ըրաւ որ ժողովուրդը խոտին վրայ նստեցնեն։ Հինգ նկանակը եւ երկու ձուկը առաւ, դէպի երկինք նայելով օրհնեց ու կտրելով նկանակները աշակերտներուն տուաւ եւ աշակերտները՝ ժողովուրդին։ Ամէնքը կերան ու կշտացան եւ տասներկու կողով լեցուն աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։ Անոնք որ կերան, հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։ Աշակերտները արտորցուց, որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ անդիի կողմը անցնին, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ։ Ժողովուրդը արձակելէն ետքը, ինք լեռը ելաւ առանձին աղօթք ընելու։ Երբ իրիկուն եղաւ, հոն մինակ էր, իսկ նաւը արդէն ծովուն մէջտեղը ալեկոծութեան մէջ էր, վասն զի հովը հակառակ կողմէն կը փչէր։ Գիշերուան չորրորդ պահուն Յիսուս դէպի նաւը գնաց, ծովուն վրայէն քալելով։ Երբ աշակերտները մէկը տեսան, որ ծովուն վրայ կը քալէր, խռովեցան եւ ըսին թէ՝ աչքի երեւոյթ մըն է։ Վախնալով կանչուըռտեցին։ Յիսուս խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Քաջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Պետրոս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման ըրէ ինծի որ քեզի գամ ջուրերուն վրայէն»։ Ան ալ ըսաւ. «Եկո՛ւր»։ Պետրոս ալ նաւէն իջաւ, ջուրերուն վրայէն քալեց որպէս զի Յիսուսի քով երթայ։ Բայց հովը սաստիկ ըլլալուն՝ վախցաւ։ Երբ սկսաւ ընկղմիլ, աղաղակեց ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ազատէ զիս»։ Յիսուս շուտ մը իր ձեռքը երկնցուց, բռնեց զանիկա ու ըսաւ. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար»։ Երբ նաւը ելան, հովը դադարեցաւ։ Անոնք որ նաւուն մէջ էին, եկան երկրպագութիւն ըրին անոր ու ըսին. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն»։ Անդիի կողմը անցնելով, Գեննեսարէթ հասան։ Երբ այն տեղի մարդիկ ճանչցան զանիկա, մարդ ղրկեցին բոլոր շրջակայ տեղերը ու բոլոր հիւանդները անոր բերին. Եւ կ’աղաչէին անոր, որ միայն իր հանդերձին քղանցքին դպչին։ Անոնք որ դպան, բժշկուեցան։ Այն ատեն Յիսուսի եկան դպիրները, փարիսեցիները, որոնք Երուսաղէմէն էին ու ըսին. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութիւնը զանց կ’ընեն, վասն զի ձեռքերնին չեն լուար, երբ հաց կ’ուտեն»։ Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Հապա դուք ինչո՞ւ Աստուծոյ պատուիրանքը զանց կ’ընէք ձեր աւանդութեան պատճառաւ։ Քանզի Աստուած պատուիրեց ըսելով. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. Եւ ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։ Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ թէ Այն բանը զոր ինծմէ պիտի շահիս, Աստուծոյ տալու ընծայ է ու իր հայրը կամ մայրը չպատուէ, ազատ է’։ Այսպէս ձեր աւանդութեան պատճառաւ Աստուծոյ պատուիրանքը խափանած էք։ Կե՛ղծաւորներ, աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ ձեր վրայ Եսայի ու ըսաւ. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ. Ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։ Ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէք ու միտք առէք. Ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը»։ Այն ատեն իր աշակերտները եկան՝ ըսին իրեն. «Գիտե՞ս թէ փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այն խօսքը»։ Ան ալ պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ամէն տունկ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկեր, պիտի խլուի։ Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ։ Եթէ կոյրը կոյրին առաջնորդէ, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»։ Պետրոս պատասխան տալով՝ անոր ըսաւ. «Մեկնէ մեզի այս առակը»։ Յիսուս ըսաւ. «Դո՞ւք ալ տակաւին անմիտ էք. Ու չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ փորը կ’երթայ ու արտաքնոցը կը ձգուի։ Իսկ բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպաննութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։ Ասոնք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը չի պղծեր մարդը»։ Յիսուս անկէ ելլելով՝ Տիւրոսի ու Սիդոնի կողմերը գնաց։ Քանանացի կին մը այն սահմաններէն ելած՝ կ’աղաղակէր անոր ու կ’ըսէր. «Ողորմէ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի որդի, աղջիկս դեւէն սաստիկ կը չարչարուի»։ Ինք բնաւ պատասխան չտուաւ անոր։ Իր աշակերտները մօտենալով՝ կ’աղաչէին իրեն ու կ’ըսէին. «Արձակէ ատիկա, վասն զի մեր ետեւէն կ’աղաղակէ»։ Ինքն ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ես ուրիշի մը չղրկուեցայ, բայց միայն Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն»։ Բայց կինը եկաւ երկրպագութիւն ըրաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ ինծի»։ Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն ձգել»։ Կինն ալ ըսաւ. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։ Այն ատեն Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։ Յիսուս անկէ գնաց, երբ Գալիլիայի ծովեզերքը հասաւ՝ լեռը ելլելով նստաւ։ Շատ ժողովուրդ իրեն եկան, որոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ ուրիշ հիւանդներ եւ ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը։ Ան ալ բժշկեց զանոնք։ Այնպէս որ ժողովուրդը զարմացաւ, տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին ու Իսրայէլի Աստուածը կը փառաւորէին։ Յիսուս իր աշակերտները քովը կանչելով՝ ըսաւ. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի երեք օր է, որ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Զանոնք անօթի արձակել չեմ ուզեր, չըլլայ որ ճամբան մարին»։ Աշակերտները անոր ըսին. «Մենք անապատին մէջ ուրկէ՞ պիտի ունենանք այնչափ հաց, որ այսչափ բազմութիւնը կշտացնեն»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եօթը ու քանի մը մանր ձուկեր»։ Հրաման ըրաւ ժողովուրդին որ գետնին վրայ նստին։ Եօթը նկանակը եւ ձուկերը առաւ, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ ժողովուրդին տուին։ Կերան ամէնքը եւ կշտացան։ Եօթը զամբիւղ լեցուն՝ աւելցած կտորուանքներ վերցուցին։ Անոնք որ կերան՝ չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։ Երբ ժողովուրդը արձակեց, նաւը մտաւ ու Մագդաղայի սահմանները գնաց։ Փարիսեցիները ու սադուկեցիները քովը եկան, փորձելով՝ իրմէ կ’ուզէին որ երկնքէն նշան մը ցուցնէ իրենց։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Երբ իրիկուն ըլլայ, կ’ըսէք թէ ‘Պարզ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը կարմրած է’։ Եւ առտուն՝ ‘Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, վասն զի երկինքը միգապատ ու կարմրած է’։ Կե՛ղծաւորներ, երկնքի երեսը քննել գիտէք, բայց ժամանկներուն նշանները չէ՞ք կրնար գիտնալ ։ Չար ու շնացող ազգը նշան կ’ուզէ։ Բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը» եւ թողուց զանոնք ու գնաց։ Երբ իր աշակերտները անդիի կողմը անցան, հաց առնել մոռցեր էին։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Նայեցէք ու զգուշացէք փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու խմորէն»։ Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Հաց չբերինք մեզի հետ »։ Իսկ Յիսուս անոնց խորհուրդը գիտնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր մէջ ինչո՞ւ կը խորհիք, թե՛րահաւատներ, թէ հաց չառիք։ Տակաւին չէ՞ք հասկնար եւ չէ՞ք յիշեր հինգ նկանակը՝ հինգ հազարին, ու քանի՛ կողով վերցուցիք. Ոչ ալ եօթը նկանա՞կը՝ չորս հազարին, ու քանի՛ զամբիւղ վերցուցիք։ Ի՞նչպէս չէք հասկնար թէ ես հացի համար չըսի ձեզի՝ փարիսեցիներու եւ սադուկեցիներու խմորէն զգոյշ կենալ»։ Այն ատեն հասկցան թէ հացի խմորէն զգուշանալ չըսաւ, հապա փարիսեցիներու ու սադուկեցիներու վարդապետութենէն։ Յիսուս Փիլիպպոսի Կեսարիայի կողմերը երթալով՝ իր աշակերտներուն հարցուց ու ըսաւ. «Մարդիկ ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ ես Որդին մարդոյ»։ Անոնք ըսին. «Ոմանք կ’ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»։ Ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի. վասն զի մարմինը եւ արիւնը քեզի չյայտնեցին ասիկա, հապա իմ Հայրս որ երկինքն է։ Ես քեզի կ’ըսեմ թէ դուն Պետրոս ես ու այս վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքին դռները անոր պիտի չյաղթեն։ Երկնքի թագաւորութեան բանալիները քեզի պիտի տամ եւ ինչ որ երկրի վրայ կապես, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու ինչ որ երկրի վրայ արձակես, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ»։ Ապա աշակերտներուն պատուիրեց, որ մարդո՛ւ չըսեն թէ ինք Քրիստոսն է։ Անկէ յետոյ Յիսուս իր աշակերտներուն ցուցուց թէ՝ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ ու շատ չարչարանքներ կրէ ծերերէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն եւ սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ։ Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա եւ սկսաւ յանդիմանել զանիկա ու ըսել. «Քաւ լիցի, Տէ՛ր, այդ բանը քեզի չըլլայ»։ Ինք դառնալով՝ Պետրոսին ըսաւ. «Ետիս գնա՛, Սա՛տանայ, ինծի գայթակղութիւն ես դուն. վասն զի Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։ Այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի գտնէ զանիկա, Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ, կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։ Վասն զի Որդին մարդոյ իր Հօրը փառքովը պիտի գայ իր հրեշտակներուն հետ եւ այն ատեն ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Որդին մարդոյ իր թագաւորութիւնովը եկած»։ Վեց օր յետոյ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ անոր եղբայրը Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձին։ Անոնց առջեւ այլակերպեցաւ ու իր երեսը փայլեցաւ արեգակի պէս ու իր հանդերձները ճերմկցան լոյսի պէս։ Եւ ահա երեւցան անոնց Մովսէսն ու Եղիան ու իրեն հետ կը խօսակցէին։ Խօսեցաւ Պետրոս ու ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, աղէկ է որ հոս կենանք. եթէ կ’ուզես, երեք խրճիթ շինենք հոս, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։ Երբ անիկա կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպէն ձայն մը եկաւ ՝ ըսելով. «Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք»։ Աշակերտները երբ լսեցին, երեսնուն վրայ ինկան ու խիստ վախցան։ Յիսուս մօտենալով դպաւ անոնց ու ըսաւ. «Ելէ՛ք, մի՛ վախնաք»։ Աչքերնին վերցուցին ու մէկը չտեսան, բայց միայն Յիսուսը։ Երբ լեռնէն վար կ’իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Այդ տեսիլքը մարդու մի՛ պատմէք, մինչեւ Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնէ»։ Աշակերտները իրեն հարցուցին. «Ինչո՞ւ համար դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Յիրաւի առաջ Եղիան կու գայ եւ ամէն բան կարգի կը դնէ։ Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Եղիան արդէն եկած է եւ զանիկա չճանչցան, հապա ինչ որ ուզեցին ըրին անոր. նոյնպէս ալ Որդին մարդոյ անոնցմէ պիտի չարչարուի»։ Այն ատեն հասկցան աշակերտները թէ Յովհաննէս Մկրտչին համար ըսաւ անոնց։ Երբ ժողովուրդին քով եկան, մարդ մը մօտեցաւ անոր եւ ծունկի վրայ գալով՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, իմ որդիիս ողորմէ, որ կը լուսնոտի եւ չարաչար կը տանջուի, քանզի յաճախ կրակի մէջ կ’իյնայ ու յաճախ ջուրի մէջ։ Քու աշակերտներուդ բերի ու չկրցան զանիկա բժշկել»։ Յիսուս ըսաւ. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ա՛զգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ. զանիկա հոս ինծի բերէք»։ Յիսուս սաստեց ու դեւը անկէ ելաւ եւ տղան բժշկուեցաւ նոյն ժամուն։ Այն ատեն աշակերտները առանձին Յիսուսի քով երթալով՝ ըսին. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել»։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր թերահաւատութեանը համար. քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի։ Սակայն այս տեսակը ուրիշ բանով չելլեր, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»։ Երբ անոնք Գալիլիայի մէջ կը պտըտէին, Յիսուս ըսաւ անոնց. «Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը Եւ զանիկա պիտի մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ Անոնք խիստ տրտմեցան։ Երբ անոնք Կափառնայում եկան, երկդրամեան տուրքը առնողները Պետրոսին եկան ու ըսին. «Ձեր վարդապետը երկդրամեանը չի՞ հատուցաներ»։ Անիկա ըսաւ. «Այո՛, կը հատուցանէ »։ Երբ տունը մտաւ, առաջ Յիսուս խօսեցաւ անոր ու ըսաւ. «Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Սի՛մոն, երկրի թագաւորները որմէ՞ կ’առնեն հարկը կամ տուրքը. իրենց որդիներէ՞ն թէ օտարներէն»։ Պետրոս ըսաւ. «Օտարներէն»։ Յիսուս անոր ըսաւ. «Ուրեմն որդիները ազատ են, Բայց չըլլայ թէ զանոնք գայթակղեցնենք, գնա՛ ծովը եւ կարթը ձգէ ու առաջին ձուկը որ կ’ելլէ՝ ա՛ռ եւ անոր բերանը բանալով սատեր մը պիտի գտնես։ Անոնց տուր ինծի եւ քեզի համար»։ Նոյն ժամանակ աշակերտները Յիսուսին քով եկան ու ըսին. «Ո՞վ է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ»։ Եւ Յիսուս տղայ մը կանչեց իրեն, զանիկա անոնց մէջտեղը կայնեցուց Ու ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Եթէ դարձի չգաք եւ տղոց պէս չըլլաք, երկնքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք’։ Ուստի ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ, Եւ ով որ այսպիսի տղայ մը կ’ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի»։ «Ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որոնք ինծի կը հաւատան, աղէկ է անոր՝ որ իր պարանոցէն իշու աղացքի քար մը կախուի ու ծովուն անդունդը ընկղմի»։ «Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններուն պատճառաւ, վասն զի հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով գայթակղութիւնը կու գայ։ Արդ՝ եթէ քու ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի կաղ կամ պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ ու յաւիտենական կրակին մէջ ձգուիլ։ Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա եւ քեզմէ ձգէ. աղէկ է քեզի մէկ աչքով կեանքը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ»։ «Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը՝ որ երկինքն է։ Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ կորսուածը փրկելու։ Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի, ‘Եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունըինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու՝ ՝ երթար մոլորածը փնտռեր։ Եթէ գտնելու ըլլայ, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ’ըլլայ անոր վրայ, քան թէ իննսունըիննին՝ որոնք մոլորած չէին։ Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի’»։ «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ։ Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի։ Եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի»։ «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Երկրի վրայ ինչ որ կապէք, երկնքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ ու երկրի վրայ ինչ որ արձակէք, երկնքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ’։ Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին, ամէն ինչ բանի համար որ խնդրեն, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս որ երկինքն է’։ Քանզի ուր երկու կամ երեք հոգի ժողուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ»։ Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը։ Ասոր համար երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը որ իր ծառաներէն հաշիւ առնել ուզեց։ Երբ սկսաւ հաշիւ առնել, տասը հազար տաղանդի պարտական մը բերուեցաւ իրեն։ Բայց անիկա վճարելու կարողութիւն չունենալով՝ իր տէրը հրաման ըրաւ որ զանիկա եւ անոր կինը ու որդիները եւ անոր բոլոր ունեցածը ծախուին ու պարտքը վճարուի։ Իսկ ծառան անոր առջեւ իյնալով երկրպագութիւն ըրաւ ու ըսաւ. ‘Տէ՛ր, համբերէ ինծի եւ ամէնը քեզի վճարեմ’։ Ծառային տէրը վրան խղճալով արձակեց զանիկա ու պարտքը շնորհեց անոր։ Նոյն ծառան ելաւ, իր ծառայակիցներէն մէկը գտաւ որ իրեն հարիւր դահեկան պարտք ունէր ու զանիկա բռնելով կը խեղդէր ու կ’ըսէր. ‘Վճարէ ինծի ունեցած պարտքդ’։ Ուստի իր ծառայակիցը անոր ոտքը ինկաւ, կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. ‘Համբերէ ինծի ու քեզի վճարեմ’։ Բայց ինք չէր ուզեր, հապա գնաց՝ բանտը դնել տուաւ, մինչեւ որ պարտքը վճարէ։ Երբ իր ծառայակիցները տեսան եղած բաները, խիստ տրտմեցան ու եկան իրենց տիրոջը իմացուցին բոլոր եղածը։ Այն ատեն անոր տէրը կանչեց զանիկա ու ըսաւ. ‘Չա՛ր ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար. Ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ’։ Անոր տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն մատնեց զանիկա, մինչեւ որ բոլոր պարտքը վճարէ։ Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները»։ Ու երբ Յիսուս այս խօսքերը լմնցուց, Գալիլիայէն ելաւ ու գնաց Հրէաստանի սահմանները՝ Յորդանանու անդիի կողմը։ Անոր ետեւէն շատ ժողովուրդ գնաց։ Հոն շատեր բժշկեց։ Փարիսեցիները անոր մօտենալով՝ զանիկա փորձեցին ու հարցուցին. «Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ ամէն պատճառի համար»։ Անիկա ալ անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք», ու աւելցուց. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։ Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։ Ըսին իրեն. «Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց արձակման թուղթ տալ եւ արձակել»։ Ըսաւ անոնց. «Մովսէս ձեր սրտերուն կարծրութեանը համար ձեզի հրաման տուաւ կիներնիդ արձակել, բայց սկիզբէն այնպէս չէր։ Սակայն ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ։ Եւ ով որ արձակուածը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’»։ Իր աշակերտները ըսին իրեն. «Եթէ այդպիսի բան կայ էրկան ու կնոջ մէջտեղ, չամուսնանալը աւելի աղէկ է»։ Ինք անոնց ըսաւ. «Ամենուն չի յարմարիր ատիկա, հապա անոնց՝ որոնց տրուած է։ Վասն զի կան ներքինիներ՝ որոնք իրենց մօրը որովայնէն այնպէս ծնան եւ կան նեքինիներ՝ որոնք մարդոցմէ ներքինի եղան եւ կան ներքինիներ որոնք ինքզինքնին ներքինի ըրին երկնքի թագաւորութեանը համար։ Ով որ կրնայ տանիլ՝ թող տանի»։ Այն ատեն մանր տղաք բերուեցան իրեն, որպէս զի անոնց վրայ ձեռք դնէ եւ աղօթք ընէ, իսկ աշակերտները կը յանդիմանէին զանոնք։ Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուէք այդ մանր տղոցը եւ մի արգիլէք ատոնք ինծի գալէն, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»։ Անոնց վրայ ձեռք դնելէ յետոյ գնաց անկէ։ Մէկը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ բարի գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ընդունիմ» Անիկա ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ»։ Պատանին հարցուց. «Որո՞նք»։ Յիսուս ըսաւ. «Ասոնք. Սպաննութիւն մի ըներ, Շնութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ եւ քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ»։ Պատանին ըսաւ. «Ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ. ալ ի՞նչ բան կը պակսի»։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա ունեցածդ ծախէ, տուր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ Երբ պատանին այս խօսքը լսեց՝ տրտմած գնաց, վասն զի շատ ստացուածք ունէր։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ հարուստը դժուարաւ պիտի մտնէ երկնքի թագաւորութիւնը»։ Դարձեալ կ’ըսեմ ձեզի. «Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ Աշակերտները երբ լսեցին, շատ զարմացան ու ըսին. «Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց Աստուծոյ կողմէ ամէն բան կարելի է»։ Այն ատեն Պետրոս խօսեցաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ դուք որ իմ ետեւէս եկաք, միւս անգամ գալուստին՝ ՝ երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու։ Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։ Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին»։ «Երկնքի թագաւորութիւնը տանտէրի մը նման է, որ առտուն կանուխ ելաւ՝ իր այգիին համար բանուորներ բռնելու։ Եւ բանուորներուն հետ օրը մէկ դահեկանի համաձայնեցաւ ու զանոնք ղրկեց իր այգին։ Ժամը երեքին ատենները ելաւ՝ ուրիշներ տեսաւ, որոնք շուկային մէջ պարապ կայներ էին, Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ գացէք իմ այգիս եւ ինչ որ արժան է՝ կու տամ ձեզի»։ Անոնք ալ գացին։ Ապա ժամը վեցին եւ ժամը իննին ատենները ելաւ՝ նոյնը ըրաւ։ Ժամը տասնըմէկին ատենները ելաւ, ուիշներ գտաւ՝ որոնք պարապ կայներ էին, անոնց ալ ըսաւ. «Ինչո՞ւ հոս բոլոր օրը պարապ կայներ էք»։ Ըսին իրեն. «Անոր համար որ մէ՛կը մեզ վարձքով չբռնեց»։ Ըսաւ անոնց. «Դուք ալ այգին գացէք ու ինչ որ արժան է՝ պիտի առնէք»։ Իրիկունը, այգիին տէրը իր տնտեսին ըսաւ. «Բանուորները կանչէ եւ անոնց վարձքը տուր՝ վերջիններէն սկսելով մինչեւ առաջինները»։ Երբ եկան անոնք որ ժամը տասնըմէկին գացեր էին, մէյմէկ դահեկան առին։ Առաջինները գալով՝ կը կարծէին թէ աւելի պիտի առնեն, բայց անոնք ալ առին մէյմէկ դահեկան։ Երբ առին՝ տանտիրոջ դէմ տրտունջ ըրին ու ըսին. «Այդ վերջինները մէկ ժամ գործեցին, բայց մեզի հաւասար ըրիր, որ օրուան ծանրութիւնը ու տաքութիւնը քաշեցինք»։ Անիկա պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկուն ու ըսաւ. «Ընկե՛ր, ես քեզ չեմ զրկեր. չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. Ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ»։ Այսպէս յետինները առաջին պիտի ըլլան եւ առաջինները յետին. վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։ Ու երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’ելլէր, ճամբան տասներկու աշակերտները իրեն հետ առաւ առանձին ու ըսաւ անոնց. «Ահա Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն, Հեթանոսներուն պիտի մատնեն՝ ծաղրուելու, ծեծուելու եւ խաչը հանուելու. բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը որդիներուն հետ եկաւ անոր, երկրպագութիւն կ’ընէր ու բան մը կը խնդրէր անկէ։ Ան ալ ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես»։ Ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ որ այս իմ երկու որդիներս մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ նստին քու թագաւորութեանդ մէջ»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես պիտի խմեմ, կամ այն մկրտութիւնով մկրտուիլ, որով ես պիտի մկրտուին»։ Ըսին իրեն. «Կրնանք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ գաւաթս պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնով որ ես մկրտուելու եմ, պիտի մկրտուիք. բայց իմ աջ ու ձախ կողմս նստիլը ես չեմ կրնար որոշել, հապա անոնց որ պատրաստուած է իմ Հօրմէս»։ Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին՝ այն երկու եղբայրներուն նեղուեցան։ Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխանները կը տիրեն անոնց եւ մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. Բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլայ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ Ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ. Ինչպէս Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ Երբ անոնք Երիքովէն ելան, մեծ բազմութիւն անոր ետեւէն գնաց։ Ճամբուն քով երկու կոյր նստած էին. երբ լսեցին թէ Յիսուս կ’անցնի, աղաղակեցին ու ըսին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։ Բազմութիւնը կը յանդիմանէր զանոնք, որ լռեն, բայց անոնք՝ ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ողորմէ մեզի, Տէ՛ր, Դաւիթի Որդի»։ Յիսուս կանգ առնելով կանչեց զանոնք ու ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզէք որ ձեզի ընեմ»։ Ըսին անոր. «Տէ՛ր, աչքերնիս բաց»։ Յիսուս խղճալով անոնց աչքերուն դպաւ։ Շուտ մը անոնց աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն գացին։ Երբ Երուսաղէմի մօտեցան ու եկան Բեթփագէ՝ դէպի Ձիթենեաց լեռը՝ այն ատեն Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց Եւ ըսաւ անոնց. «Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը եւ հոն պիտի գտնէք կապուած էշ մը ու անոր հետ աւանակ մը. արձակեցէք զանոնք ու ինծի բերէք։ Եթէ մէկը ձեզի բան մը ըսէ, ըսէք թէ ‘Տէրոջը պէտք են’. եւ շուտ մը զանոնք պիտի ղրկէ»։ Այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուի մարգարէին խօսքը որ կ’ըսէ. «Ըսէք Սիօնի աղջկան. ‘Ահա քու Թագաւորդ քեզի կու գայ, հեզ ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ’։ Աշակերտները գացին եւ ինչպէս Յիսուս իրենց պատուիրեր էր՝ ըրին Ու բերին էշն ու աւանակը, անոնց վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ։ Ժողովուրդէն շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ փռեցին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։ Ժողովուրդը առջեւէն ու ետեւէն կ’երթար, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի։ Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ. Ովսա՛ննա ի բարձունս»։ Երբ անիկա Երուսաղէմ մտաւ բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու ըսաւ. «Ո՞վ է աս»։ Շատեր ըսին. «Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն»։ Յիսուս Աստուծոյ տաճարը մտաւ ու դուրս հանեց ամէն անոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին եւ ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց. Եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։ Տաճարին մէջ կոյրեր ու կաղեր եկան իրեն եւ ինք բժշկեց զանոնք։ Երբ քահանայապետներն ու դպիրները տեսան անոր ըրած հրաշքները եւ տղաքը որոնք տաճարին մէջ կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա, Որդի Դաւթի», բարկացան Ու ըսին անոր. «Կը լսե՞ս ինչ կ’ըսեն ատոնք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այո՛, բնաւ չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր’»։ Եւ թողուց զանոնք՝ քաղաքէն դուրս Բեթանիա գնաց ու գիշերը հոն կեցաւ։ Առտուն, երբ ինք քաղաքը կը դառնար, անօթեցաւ։ Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով քովը գնաց։ Անոր վրայ տերեւներէն զատ բան մը չգտաւ. ու ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ պտուղ պիտի չտաս յաւիտեան»։ Եւ իսկոյն թզենին չորցաւ։ Աշակերտները երբ տեսան, զարմացան ու ըսին. «Թզենին ի՞նչպէս շուտ մը չորցաւ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք ‘Ելի՛ր ու ծովը ինկիր’, պիտի իյնայ։ Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք»։ Երբ տաճարը եկաւ, քահանայապետները եւ ժողովուրդին ծերերը անոր մօտեցան՝ երբ կը սորվեցնէր՝ ու ըսին. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի ըսէք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։ Յովհաննէսին մկրտութիւնը ուրկէ՞ էր, երկնքէ՞ն թէ մարդոցմէ»։ Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ըսենք՝ ‘Երկինքէն’, մեզի պիտի ըսէ թէ ‘Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր’, իսկ եթէ ըսենք՝ ‘Մարդոցմէ, ժողովուրդէն կը վախնանք’, վասն զի բոլորն ալ Յովհաննէսը իբրեւ մարգարէ կ’ընդունին» Պատասխանեցին Յիսուսին. «Չենք գիտեր»։ Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։ «Ի՞նչպէս կ’երեւնայ ձեզի. մարդ մը երկու որդի ունէր։ Առաջինին ըսաւ. «Որդեա՛կ, գնա այսօր այգիիս մէջ գործէ» Անիկա պատասխանեց. «Չեմ ուզեր երթալ »։ Բայց ետքը զղջաց ու գնաց։ Հայրը միւսին ալ ըսաւ։ Անիկա պատասխանեց. «Կ’երթամ, Տէ՛ր», սակայն չգնաց։ Հիմա այս երկուքէն ո՞րը իր հօրը կամքը կատարեց։ Ըսին անոր. «Առաջինը»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը, Վասն զի Յովհաննէս արդարութեան ճամբով եկաւ ձեզի եւ դուք անոր չհաւատացիք. բայց մաքսաւորներն ու պոռնիկները անոր հաւատացին եւ դուք տեսաք, սակայն չուզեցիք հաւատալ»։ Ուրիշ առակ մըն ալ լսեցէք. «Տանտէր մը կար որ այգի մը տնկեց ու ցանկով պատեց զանիկա եւ անոր մէջ հնձան փորեց ու աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ Երբ պտուղի ժամանակը մօտեցաւ, իր ծառաները մշակներուն ղրկեց, որպէս զի անոր պտուղները առնեն։ Մշակները անոր ծառաները բռնեցին մէկը ծեծեցին, միւսը սպաննեցին, ուրիշ մը քարկոծեցին։ Նորէն ծառաներ ղրկեց առաջիններէն շատ եւ անոնց ալ նոյնպէս ըրին։ Վերջը իր որդին ղրկեց անոնց, ըսելով՝ ‘ Թերեւս ամչնան իմ որդիէս’։ Բայց մշակները երբ տեսան որդին, իրարու ըսին. ‘Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու անոր ժառանգութեանը տիրանանք’։ Առին զանիկա, այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին։ Երբ այգիին տէրը գայ, ի՞նչ պիտի ընէ այն մշակներուն»։ Ըսին իրեն. «Այն չարերը չարաչար պիտի կորսնցնէ եւ այգին պիտի յանձնէ ուրիշ մշակներու, որոնք պտուղները իրենց ժամանակին պիտի տան իրեն»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր գրքին մէջ, ‘Այն քարը զոր շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն։ Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի ու այնպիսի ազգի մը պիտի տրուի՝ որ անոր պտուղ բերէ։ Ով որ այս քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ պիտի փսորէ զանիկա»։ Երբ քահանայապետները եւ փարիսեցիները անոր առակները լսեցին, իմացան որ իրենց համար կ’ըսէր Եւ կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս բռնեն զանիկա, բայց ժողովուրդէն վախցան, վասն զի մարգարէի պէս կ’ընդունէին զանիկա։ Դարձեալ Յիսուս առակներով ըսաւ անոնց. «Երկնքի թագաւորութիւնը թագաւոր մարդու մը կը նմանի, որ իր որդիին հարսանիք ըրաւ եւ իր ծառաները ղրկեց կանչելու իր որդիին հարսանիքին հրաւիրուածները։ Անոնք չուզեցին գալ։ Նորէն ուրիշ ծառաներ ղրկեց ու ըսաւ. «Ըսէք հրաւիրուածներուն, ‘Ահա իմ ճաշս պատրաստեցի, զուարակներս ու գէր կենդանիներս մորթուած են եւ ամէն բան պատրաստ է. հարսանիքի եկէք’»։ Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով չեկան։ Մէկը իր արտը ու միւսը իր առուտուրին գնաց։ Ուրիշներ անոր ծառաները բռնեցին, նախատեցին ու սպաննեցին։ Թագաւորն ալ երբ լսեց՝ բարկացաւ եւ իր զօրքերը ղրկեց ու այն սպաննողները սատկեցուց ու անոնց քաղաքը այրեց։ Այն ատեն իր ծառաներուն ըսաւ. «Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։ Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք»։ Այն ծառաները ելան ճամբաներուն վրայ ու ո՛վ որ գտան, թէ՛ չար եւ թէ բարի, ամէնքն ալ ժողվեցին ու հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ։ Թագաւորը երբ մտաւ հարսնեւորները տեսնելու, մարդ մը տեսաւ, որ հարսանիքի հանդերձ հագած չէր, Ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար հոս մտար առանց հարսանիքի հանդերձի»։ Անիկա պապանձեցաւ։ Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. «Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, հանեցէ՛ք զանիկա դուրսի խաւարը, հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել։ Վասն զի կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները քիչ»։ Այն ատեն փարիսեցիները խորհուրդ ըրին որպէս զի որոգայթ մը լարեն խօսքով։ Իրենց աշակերտները՝ Հերովդէսեաններու հետ մէկտեղ ղրկեցին անոր ու ըսին. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես ու մարդո՛ւ համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ, Ուստի մեզի ըսէ. Քեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, Պէ՞տք է կայսրին տուրք տալ թէ ոչ»։ Յիսուս գիտնալով անոնց խորամանկութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք, կե՛ղծաւորներ, Ցուցուցէք ինծի տուրքին դրամը»։ Անոնք դահեկան մը բերին իրեն։ Հարցուց անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գիրը»։ Ըսին անոր. «Կայսրին»։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք »։ Երբ լսեցին՝ զարմացան եւ թողուցին զանիկա ու գացին։ Նոյն օրը անոր քով եկան սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ հարցուցին՝ Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս ըսաւ. ‘Եթէ մէկը առանց զաւակի մեռնելու ըլլայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ Արդ եօթը եղբայրներ կային մեր մէջ։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ։ Զաւակ չունենալուն համար իր կինը ձգեց իր եղբօրը։ Նոյնպէս ալ երկրորդը ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը։ Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ Ուրեմն, յարութեան ատեն այն եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի ամէնքն ալ զանիկա կին ունեցան»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Դուք մոլորած էք։ Ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը. Քանզի յարութեան ատեն ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են։ Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելուն համար՝ չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն»։ Ժողովուրդը այս լսելով՝ կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ։ Փարիսեցիները երբ լսեցին թէ անիկա պապանձեցուց սադուկեցիները, մէկտեղ ժողուեցան Եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց, զանիկա փորձելով. «Վա՛րդապետ, ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։ Երբ փարիսեցիները ժողվուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց ու ըսաւ. «Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է»։ Ըսին իրեն. «Դաւիթին»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։ Եւ մէ՛կը չէր կրնար անոր պատասխանել։ Այն օրէն յետոյ մէ՛կը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։ Այն ատեն Յիսուս խօսեցաւ ժողովուրդներուն եւ իր աշակերտներուն ու ըսաւ. «Մովսէսին աթոռը դպիրները եւ փարիսեցիները նստած են։ Ուրեմն ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ։ Քանզի ծանր ու տանելու դժուար բեռներ կը կապեն ու կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենց մատովը չեն ուզեր զանոնք շարժել։ Իրենց բոլոր գործերը մարդոց երեւնալու համար կ’ընեն. կը լայնցնեն իրենց գրապանակները ու կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները. Ընթրիքներու մէջ առաջին բազմոցները կը սիրեն եւ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները ու շուկաներուն մէջ բարեւները։ Եւ մարդոցմէ Ռաբբի, Ռաբբի կոչուիլ։ Բայց դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։ Եւ դուք ուսուցիչներ մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Եւ ձեր մէջէն մեծը ձեր սպասաւորը թող ըլլայ։ Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։ «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ որ որբեւարիներուն տուները կ’ուտէք ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնէք. անոր համար աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունիք։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ ծով ու ցամաք կը պտըտիք մէկը նորահաւատ ընելու ու երբ ըլլայ, զանիկա ձեզմէ երկու անգամ աւելի գեհենի որդի կ’ընէք։ Վա՜յ ձեզի կո՛յր առաջնորդներ, որ կ’ըսէք թէ ‘Ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ տաճարին մէջի ոսկիին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ’։ Ո՛վ յիմարներ ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, ոսկի՞ն թէ տաճարը որ կը սրբացնէ ոսկին։ Եւ թէ ‘Ով որ սեղանին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ սեղանին վրայի պատարագին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ’։ Յիմարնե՛ր ու կոյրեր, ո՞րը մեծ է, պատարա՞գը թէ սեղանը որ կը սրբացնէ պատարագը։ Ուստի ով որ սեղանին վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ անոր վրայ եւ անոր վրայի ամէն բաներուն վրայ Եւ ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ անոր վրայ եւ անոր մէջ բնակողին վրայ Եւ ով որ երկնքի վրայ երդում ընէ, երդում կ’ընէ Աստուծոյ աթոռին վրայ եւ անոր վրայ նստողին վրայ։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։ Կո՛յր առաջնորդներ, որ մժղուկը կը քամէք եւ ո՛ւղտը կը կլլէք։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ գաւաթին ու պնակին դուրսի կողմը կը մաքրէք, բայց ներսէն յափշտակութեամբ եւ անիրաւութեամբ լեցուն են։ Կո՛յր փարիսեցի, առաջ գաւաթին ու պնակին ներսի կողմը մաքրէ, որպէս զի անոնց դուրսի կողմն ալ մաքուր ըլլայ։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ կը նմանիք ծեփած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ’երեւնան, բայց ներսէն մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն կերպ պղծութիւնով լեցուն են։ Նոյնպէս դուք դուրսէն մարդոց արդար կ’երեւնաք ու ներսէն կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ լեցուն էք։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ մարգարէներուն տապանները կը շինէք եւ արդարներուն գերեզմանները կը զարդարէք, Ու կ’ըսէք. ‘Եթէ մեր հայրերուն օրերը ըլլայինք, անոնց հետ մարգարէներուն արեանը մասնակից չէինք ըլլար’։ Ուրեմն դուք ձեզի համար կը վկայէք թէ անոնց զաւակներն էք՝ որոնք մարգարէները կը սպաննէին։ Ուստի դուք ալ ձեր հայրերուն չափը լեցուցէք։ Օձե՛ր, իժե՛րու ծնունդներ, ի՞նչպէս պիտի փախչիք գեհենին դատապարտութենէն։ Ատոր համար ահա ես կը ղրկեմ ձեզի մարգարէներ եւ իմաստուններ ու դպիրներ։ Անոնցմէ մէկ քանիները պիտի սպաննէք ու խաչը հանէք, մէկ քանիները ձեր ժողովարաններուն մէջ պիտի ծեծէք ու քաղաքէ քաղաք հալածէք։ Որպէս զի երկրի վրայ թափուած բոլոր արդար արիւնը ձեր վրայ գայ, արդար Աբէլի արիւնէն մինչեւ Բարաքիայի որդիին Զաքարիային արիւնը, որ տաճարին եւ սեղանին միջեւ սպաննեցիք։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ամէն բաները պիտի գան այս ազգին վրայ»։ «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ։ Վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ ա՛լ ասկէ յետոյ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։ Երբ Յիսուս տաճարէն դուրս ելլելով կ’երթար, աշակերտները անոր քով գացին՝ տաճարին շէնքերը իրեն ցուցնելու։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք այդ ամէն բաները. ահա կ’ըսեմ ձեզի, ‘Քար քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի’»։ Ու երբոր անիկա Ձիթենեաց լեռը նստեր էր, աշակերտները իրեն գացին առանձին ու ըսին. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Յիսուս պատասխանեց. «Զգոյշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ։ Վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն. ‘Ես եմ Քրիստոսը’ ու շատեր պիտի մոլորեցնեն։ Պիտի լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր։ Զգո՛յշ կեցէք որ չխռովիք, վասն զի այս ամէնը պէտք է որ ըլլան, բայց դեռ վերջը չէ։ Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Սակայն ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։ Այն ատեն ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն եւ ձեզ պիտի սպաննեն ու իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք։ Շատեր պիտի գայթակղին ու մէկզմէկ պիտի մատնեն եւ մէկզմէկ պիտի ատեն։ Շատ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ Անօրէնութեան շատնալուն համար շատերուն սէրը պիտի պաղի։ Բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի։ Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ ՎԵՐՋը պիտի գայ»։ «Ուստի երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ (ով որ կարդայ, թող հասկնայ.) Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին։ Ան որ տանիքին վրայ է, թող չիջնէ իր տունէն բան մը առնելու։ Ան որ արտին մէջ է, թող ետ չդառնայ իր հանդերձները առնելու։ Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ Աղօթք ըրէք որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ, ոչ ալ շաբաթ օրը. Քանզի այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան։ Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ ‘Ահա հոս է Քրիստոսը կամ հոն’, մի՛ հաւատաք. Վասն զի սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու մեծ նշաններ ու հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որ եթէ կարելի ըլլայ՝ ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։ Ահա ձեզի առաջուընէ ըսի։ Եթէ ձեզի ըսեն թէ ‘Ահա անապատին մէջ է’, մի՛ ելլէք. եւ թէ ՝ ‘Ահա ներքին սենեակներուն մէջ է’, մի՛ հաւատաք։ Վասն զի ինչպէս փայլակը արեւելքէն կ’ելլէ ու մինչեւ արեւմուտք կ՛երեւնայ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ գալուստը։ Քանզի ուր որ մեռած մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները»։ «Այն նեղութեան օրերէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ Այն ատեն Որդի մարդոյ նշանը պիտի երեւնայ երկնքի մէջ ու երկրի բոլոր ազգերը կոծ պիտի ընեն եւ պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ երկնքի ամպերուն վրայ եկած՝ զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ Անիկա իր հրեշտակները պիտի ղրկէ մեծաձայն փողով ու պիտի ժողվեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկնքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»։ «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ այս ազգը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան։ Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։ «Իսկ այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս։ Բայց ինչպէս Նոյի օրերը եղաւ, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Քանզի ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, Չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ Այն ատեն եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. Եւ եթէ երկու կին մէկ աղօրիքով աղալու վրայ գտնուին, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի։ «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ Բայց այս գիտցէք, թէ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գիշերուան որ պահուն գողը կու գայ, արթուն կը կենար եւ թող չէր տար որ իր տունը ծակեն։ Անոր համար դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատեն պիտի տեսնէ թէ այնպէս ըրած է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։ Հապա եթէ այն չար ծառան իր սրտին մէջ ըսէ, ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’, Եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել ու գինովներուն հետ ուտել ու խմել։ Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամու մը՝ որ չի գիտեր Եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը կեղծաւորներուն հետ պիտի դնէ։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։ Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանի տասը կոյսերու, որոնք իրենց լապտերները առնելով՝ փեսան դիմաւորելու ելան։ Ասոնցմէ հինգը իմաստուն էին, իսկ հինգը՝ յիմար։ Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ իւղ չառին. Սակայն իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ ամաններով իւղ ալ առին։ Երբ փեսան ուշացաւ, ամէնքն ալ թմրեցան ու քնացան։ Կէս գիշերին ձայն մը եղաւ. ‘Ահա փեսան կու գայ. զանիկա դիմաւորելու ելէք’։ Այն ատեն բոլոր կոյսերը ելան ու իրենց լապտերները շտկեցին։ Յիմարները ըսին իմաստուններուն. «Տուէք մեզի ձեր իւղէն, վասն զի մեր լապտերները մարելու վրայ են»։ Պատասխան տուին իմաստունները ու ըսին. «Չըլլայ թէ մեզի ու ձեզի չբաւականանայ, այլ ծախողներուն գացէք եւ գնեցէք ձեզի համար»։ Երբ անոնք գացին գնելու, փեսան եկաւ ու պատրաստ եղողները անոր հետ հարսանիքը մտան եւ դուռը գոցուեցաւ։ Ետքը միւս կոյսերը եկան ու ըսին. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի’։ Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. Ես ձեզ չեմ ճանչնար’։ Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը»։ Օտար երկիր գացող մարդ մը կանչեց իր ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց յանձնեց։ Մէկուն տուաւ հինգ տաղանդ ու մէկուն՝ երկուք եւ մէկուն՝ մէկ։ Ամէն մէկուն իր կարողութեանը չափ ու անմիջապէս ճամբայ ելաւ։ Ան՝ որ հինգ տաղանդ առած էր, գնաց անոնցմով գործեց եւ ուրիշ հինգ տաղանդ շահեցաւ։ Նմանապէս ան՝ որ երկուք առած էր, ուրիշ երկուք ալ շահեցաւ։ Իսկ ան՝ որ մէկ առած էր, գնաց գետինը փորեց ու իր տիրոջը ստակը պահեց։ Շատ ժամանակ յետոյ այն ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ ուզեց։ Հինգ տաղանդ առնողը եկաւ՝ ուրիշ հինգ տաղանդ ալ բերաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, հինգ տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ հինգ տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ»։ Երկու տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, երկու տաղանդ յանձնեցիր ինծի, ահա ուրիշ երկու տաղանդ ալ անոնց վրայ շահեցայ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ»։ Մէկ տաղանդ առնողն ալ եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, գիտէի թէ դուն խիստ մարդ մըն ես, չսերմանած տեղէդ կը հնձես ու չցանած տեղէդ կը ժողվես, Ուստի վախնալով՝ գացի քու տաղանդդ գետնին տակ պահեցի. ուստի ահա քուկդ քեզի»։ Պատասխան տուաւ անոր տէրը ու ըսաւ. «Չար եւ ծո՛յլ ծառայ, գիտէիր թէ չսերմանած տեղէս կը հնձեմ ու չցանած տեղէս կը ժողվեմ, Ուրեմն պէտք էր որ իմ ստակս սեղանաւորներուն տայիր, որպէս զի եկած ատենս շահովը առնէի։ Արդ՝ առէ՛ք ատկէ տաղանդը ու տասը տաղանդ ունեցողին տուէք։ Վասն զի ամէն ունեցողին պիտի տրուի ու պիտի աւելնայ եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։ Իսկ այդ անպիտան ծառան դուրսի խաւարը հանեցէք. հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել»։ Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը։ Այն ատեն թագաւորը իր աջ կողմը եղողներուն պիտի ըսէ. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք. Վասն զի անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք. ծարաւեցայ ու ինծի խմցուցիք. օտարական էի, զիս ներս առիք. Մերկ էի, զիս հագուեցուցիք. հիւանդ էի, ինծի տես եկաք. բանտի մէջ էի, ինծի եկաք»։ Այն ատեն արդարները անոր պատասխան պիտի տան ու ըսեն. «Տէ՜ր, ե՞րբ քեզ անօթեցած տեսանք ու կերակրեցինք, կամ ծարաւած՝ ու խմցուցինք. Ե՞րբ քեզ օտարական տեսանք եւ ներս առինք, կամ մերկ՝ ու հագուեցուցինք. Ե՞րբ քեզ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք ու քեզի եկանք»։ Թագաւորը պատասխան տալով պիտի ըսէ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք»։ Այն ատեն ձախ կողմը եղողներուն ալ պիտի ըսէ. «Մէկդի գացէք ինծմէ, անի՛ծեալներ, յաւիտենական կրակին մէջ՝ որ պատրաստուած է Սատանային ու իր հրեշտակներուն։ Վասն զի անօթեցայ, ինծի ուտելիք չտուիք. ծարաւեցայ, ինծի չխմցուցիք. Օտարական էի, զիս ներս չառիք. մերկ էի, զիս չհագուեցուցիք. հիւանդ էի ու բանտի մէջ էի, ինծի տես չեկաք»։ Այն ատեն անոնք ալ պատասխան պիտի տան ու ըսեն. «Տէ՛ր, ե՞րբ տեսանք քեզ անօթեցած կամ ծարաւած կամ օտարական կամ մերկ կամ հիւանդ կամ բանտի մէջ ու քեզի սպասաւորութիւն չըրինք»։ Այն ատեն պատասխան պիտի տայ անոնց ու ըսէ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. որովհետեւ ինչ որ ասոնցմէ ամենէն պզտիկներէն մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք»։ Ասոնք պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը։ Երբ Յիսուս լմնցուց այս բոլոր խօսքերը, ըսաւ իր աշակերտներուն. «Գիտէք թէ երկու օր յետոյ զատիկ պիտի ըլլայ եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի խաչը ելլելու»։ Նոյն ատեն քահանայապետները ու դպիրները եւ ժողովուրդին ծերերը ժողուեցան քահանայապետին սրահը, որուն անունը Կայիափա էր Ու խորհեցան նենգութեամբ բռնել Յիսուսը ու մեռցնել։ Բայց կ’ըսէին թէ՝ «Ո՛չ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։ Երբ Յիսուս Բեթանիա էր, բորոտ Սիմոնին տունը, Կին մը եկաւ անոր։ Ան ունէր ծանրագին իւղի շիշ մը։ Իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն վրայ՝ երբ ան սեղան նստած էր։ Անոր աշակերտները տեսնելով՝ բարկացան ու ըսին. «Ինչո՞ւ այս կորուստը, Քանզի այդ իւղը կրնար սուղ գնով ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»։ Յիսուս իմանալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք կինը։ Անիկա բարի գործ մը գործեց։ Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։ Անիկա, որ այդ իւղը իմ մարմնիս վրայ թափեց, իմ թաղումիս համար ըրաւ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ Բոլոր աշխարհի մէջ՝ ուր որ այս աւետարանը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։ Այն ատեն տասներկուքէն մէկը, որ Յուդա Իսկարիովտացի կը կոչուէր, գնաց քահանայապետներուն ու ըսաւ. «Ի՞նչ կու տաք ինծի, որ ձեզի մատնեմ զանիկա»։ Անոնք երեսուն սիկղ արծաթ խոստացան անոր։ Անկէ յետոյ պատեհութիւն կը փնտռէր, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց ։ Բաղարջակերաց առաջին օրը աշակերտները Յիսուսին եկան, անոր ըսին. «Ո՞ւր կուզես որ քեզի պատրաստենք զատիկը՝ ուտելու համար»։ Անիկա ըսաւ. «Գացէք քաղաքը այս ինչ մարդուն ու ըսէք անոր, Վարդապետը կ’ըսէ. ‘Ժամանակս մօտ է. աշակերտներուս հետ մէկտեղ քու քովդ պիտի ընեմ զատիկը’»։ Աշակերտներն ալ ըրին ինչպէս Յիսուս իրենց հրամայեց ու պատրաստեցին զատիկը։ Իրիկունը տասներկուքին հետ սեղան նստաւ։ Երբ կ’ուտէին, ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։ Շատ տրտմեցան եւ անոնցմէ ամէն մէկը սկսաւ ըսել անոր. «Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ան որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց, նոյնը պիտի մատնէ զիս»։ Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։ Պատասխան տուաւ Յուդա, որ զանիկա պիտի մատնէր ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, միթէ ե՞ս եմ»։ Ըսաւ անոր. «Դուն ըսիր»։ Մինչ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն ու ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս»։ Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար։ Բայց կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ, մինչեւ այն օրը՝ երբ ձեզի հետ նոր գինին խմեմ իմ Հօրս թագաւորութեանը մէջ’»։ Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’։ Բայց յարութիւն առնելէս յետոյ ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ քու վրայովդ գայթակղին, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Այս գիշեր դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնելու ալ ըլլամ, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ»։ Այսպէս կ’ըսէին նաեւ բոլոր աշակերտները։ Այն ատեն Յիսուս անոնց հետ տեղ մը գնաց, որուն անունը Գեթսեմանի էր ու ըսաւ աշակերտներուն. «Հոս նստեցէք մինչեւ որ ես երթամ հոն աղօթք ընեմ»։ Իրեն հետ առնելով Պետրոսը ու Զեբեդէոսի երկու որդիները, սկսաւ տրտմիլ ու վշտանալ։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է։ Հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթուն մնացէք»։ Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ կարելի է, թող այս գաւաթը ինծմէ անցնի. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ՛ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես »։ Երբ եկաւ աշակերտներուն, զանոնք քնացած գտաւ եւ ըսաւ Պետրոսին. «Այդպէս մէկ ժա՞մ ալ չկրցաք ինծի հետ արթուն կենալ։ Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք։ Հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ Դարձեալ երկրորդ անգամ գնաց աղօթք ըրաւ՝ ըսելով. «Ով Հայր իմ, եթէ անկարելի է որ այս գաւաթը ինծմէ անցնի առանց անկէ խմելու՝ թող քու կամքդ ըլլայ»։ Եւ եկաւ զանոնք նորէն քնացած գտաւ, վասն զի աչքերնին ծանրացած էր։ Թողուց զանոնք ու նորէն գնաց՝ երրորդ անգամ աղօթք ըրաւ՝ նոյն խօսքը ըսելով։ Այն ատեն եկաւ իր աշակերտներուն ու ըսաւ անոնց. «Ասկէ յետոյ քնացէք ու հանգչեցէք. ահա ժամը հասաւ եւ Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։ Ելէք ասկէ երթանք. ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։ Դեռ անիկա կը խօսէր, երբ Յուդա, տասներկուքէն մէկը, եկաւ եւ իրեն հետ մեծ բազմութիւն՝ սուրերով ու բիրերով, քահանայապետներէն եւ ժողովուրդին ծերերէն։ Զանիկա մատնողը անոնց նշան մը տուեր էր՝ ըսելով. «Ով որ ես համբուրեմ, ա՛ն է, բռնեցէք զանիկա»։ Եւ շուտ մը Յիսուսին մօտենալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, վա՛րդապետ», ու համբուրեց զանիկա։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ինչո՞ւ համար եկար դուն»։ Այն ատեն մօտեցան, ձեռք զարկին Յիսուսին ու բռնեցին զանիկա։ Յիսուսին հետ եղողներէն մէկը ձեռքը երկնցուց եւ իր սուրը հանելով՝ զարկաւ քահանայապետին ծառային եւ անոր ականջը մէկդի հանեց։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Սուրդ տե՛ղը դարձուր, վասն զի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին։ Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հիմա իմ Հօրս աղաչել, որ ինծի հասցնէ տասներկու գունդէն աւելի հրեշտակներ։ Բայց ի՞նչպէս պիտի կատարուին գրուածները, թէ պէտք է այսպէս ըլլայ»։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ այն բազմութեանը. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ Ամէն օր տաճարին մէջ ձեզի հետ կը նստէի ու կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք։ Բայց այս ամէն բաները եղան, որպէս զի կատարուին մարգարէներուն գրքերը»։ Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։ Անոնք որ Յիսուսը բռնեցին, Կայիափա քահանայապետին տարին, ուր դպիրները ու ծերերը ժողվուեր էին։ Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ քահանայապետին գաւիթը ու ներս մտաւ, սպասաւորներուն հետ նստաւ, որպէս զի վերջը տեսնէ։ Քահանայապետներն ու ծերերը եւ բոլոր ժողովը Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն մը կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն. Բայց չգտան. թէեւ շատ սուտ վկաներ ալ եկան, կրկին չգտան։ Ետքը երկու սուտ վկայ եկան Ու ըսին թէ՝ «Ասիկա ըսաւ, ‘Ես կրնամ Աստուծոյ տաճարը քակել եւ զանիկա երեք օրուան մէջ շինել’»։ Քահանայապետը ոտքի ելլելով՝ ըսաւ անոր. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։ Յիսուս լուռ կեցաւ։ Ուստի ելաւ քահանայապետը ու ըսաւ անոր. «Կենդանի Աստուծմով քեզ կ’երդմնցնեմ, որ մեզի ըսես, թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Որդին Աստուծոյ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն ըսիր. բայց կ’ըսեմ ձեզի, Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերուն վրայ եկած»։ Այն ատեն քահանայապետը իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Հայհոյութիւն ըրաւ. ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ. ահա հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը. Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Անոնք պատասխան տուին ու ըսին. «Մահապարտ է»։ Այն ատեն անոր երեսը թքնեցին, բռունցքով ծեծեցին զանիկա։ Ոմանք ալ ապտակ զարնելով՝ ըսին. ‘Մարգարէացիր մեզի, դո՛ւն, Քրիստո՛ս, ո՞վ է ան որ քեզի զարկաւ’»։ Երբ Պետրոս դուրսը գաւիթը նստեր էր, աղախին մը եկաւ անոր ու ըսաւ. «Դուն ալ Գալիլիացի Յիսուսին հետ էիր»։ Բայց անիկա ամենուն առջեւ ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր դուն ի՛նչ կը խօսիս»։ Երբ դուռը ելաւ, ուրիշ աղախին մը զանիկա տեսաւ եւ հոն եղողներուն ըսաւ. «Ասիկա ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էր»։ Պետրոս նորէն երդում ընելով ուրացաւ, թէ՝ Ես այն մարդը չեմ ճանչնար։ Քիչ մը յետոյ հոն եղողները եկան եւ ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն ալ անոնցմէ ես, վասն զի քու խօսուածքդ ալ քեզ կը յայտնէ»։ Այն ատեն սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով թէ՝ ‘Ես այն մարդը չեմ ճանչնար’։ Նոյն պահուն հաւը խօսեցաւ։ Պետրոս միտքը բերաւ Յիսուսին խօսքը, որ իրեն ըսեր էր թէ՝ «Դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս». ու դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ։ Առտուն, բոլոր քահանայապետներն ու ժողովուրդին ծերերը Յիսուսի դէմ խորհուրդ ըրին որ զանիկա մեռցնեն։ Կապելով զանիկա տարին Պոնտացի Պիղատոս կուսակալին ձեռքը տուին։ Այն ատեն Յուդա, որ զանիկա մատնեց, տեսնելով որ դատապարտուեցաւ, զղջաց ու երեսուն արծաթը ետ դարձուց քահանայապետներուն եւ ծերերուն Ու ըսաւ. «Մեղա՜յ, անմեղ արիւն մատնեցի»։ Անոնք ըսին. «Մեզի ի՞նչ, դուն նայէ»։ Դրամը գանձանակին մէջ ձգեց ու դուրս ելաւ եւ գնաց ինքզինքը խեղդեց։ Քահանայապետներն ալ արծաթը առնելով՝ ըսին. «Արժան չէ ատիկա կորբանին մէջ՝ ՝ դնել, վասն զի արեան գին է»։ Ուստի խորհուրդ ըրին եւ անով բրուտին արտը ծախու առին՝ օտարներու գերեզմանատուն ըլլալու համար։ Այս պատճառաւ այն արտը «Արեան արտ» կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։ Այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը. «Եւ առին երեսուն արծաթը, գին կտրուածին գինը, որ Իսրայէլի որդիներէն ոմանք գին կտրեցին, Ու տուին զանիկա բրուտին արտին, ինչպէս ինծի հրաման ըրաւ Տէրը»։ Յիսուս կուսակալին առջեւ կայնեցաւ. եւ կուսակալը հարցուց անոր ու ըսաւ. «Հրէից թագաւորը դո՞ւն ես»։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն կ’ըսես»։ Բայց քահանայապետներէն եւ ծերերէն ամբաստանուած ատենը բնաւ պատասխան մը չտուաւ։ Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Չե՞ս լսեր թէ ո՛րչափ քեզի դէմ կը վկայեն ատոնք»։ Անոր ալ պատասխան չտուաւ, այնպէս որ շատ զարմացաւ կուսակալը։ Բայց կուսակալը սովորութիւն ունէր տօնին ատենը կապուած մը արձակելու ժողովուրդին, ով որ ուզէին։ Այն ատեն Բարաբբա անունով երեւելի բանտարկեալ մը ունէին։ Երբ ժողվուեցան, ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Ո՞րը կ’ուզէք որ ձեզի արձակեմ. Բարաբբա՞ն, թէ Յիսուսը՝ որ Քրիստոս կ’ըսուի». Քանզի գիտէր թէ նախանձի համար մատնեցին զանիկա։ Երբ անիկա ատեանը նստեր էր, անոր կինը մէկը ղրկեց անոր ու ըսաւ. «Դուն այն արդարին հետ գործ մի ունենար, վասն զի այսօր երազիս մէջ շատ դիպուածներ անցան գլխէս անոր համար»։ Քահանայապետները եւ ծերերը ժողովուրդը համոզեցին որ Բարաբբան խնդրեն ու Յիսուսը կորսնցնեն։ Կուսակալը կրկին խօսեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Այս երկուքէն ո՞րը կ’ուզէք, որ ձեզի արձակեմ»։ Անոնք ըսին. «Բարաբբան»։ Ըսաւ անոնց Պիղատոս. «Հապա ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, որ Քրիստոս կ’ըսուի»։ Ամէնքն ալ ըսին անոր. «Թող խաչուի»։ Եւ կուսակալը ըսաւ. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրաւ»։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Թող խաչուի»։ Պիղատոս տեսնելով որ օգուտ մը չունի, հապա ա՛լ աւելի խռովութիւն կ’ըլլայ, ջուր առաւ, ձեռքերը լուաց ժողովուրդին առջեւ ու ըսաւ. «Ես այդ արդարին արիւնէն անպարտ եմ. դո՛ւք մտածեցէք»։ Բոլոր ժողովուրդը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ատոր արիւնը մեր վրայ ու մեր որդիներուն վրայ ըլլայ»։ Ստիպուած՝ Բարաբբան արձակեց անոնց եւ Յիսուսը ծեծելով անոնց ձեռքը տուաւ, որպէս զի խաչուի։ Այն ատեն կուսակալին զինուորները պալատէն ներս առին Յիսուսը ու բոլոր զինուորներուն գունդը անոր վրայ ժողվեցին. Զանիկա մերկացնելով կարմիր վերարկու մը հագցուցին անոր, Ու փուշերէ պսակ մը հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին ու եղէգ մը անոր աջ ձեռքը եւ անոր առջեւ ծունկի վրայ գալով կը ծաղրէին զանիկա ու կ’ըսէին. «Ողջո՜յն քեզ, Հրէից թագաւոր»։ Եւ թքնելով անոր վրայ՝ եղէգը կ’առնէին ու անոր գլխուն կը զարնէին։ Շարունակեցին ծաղրել զանիկա, վերարկուն վրայէն հանեցին ու իր հանդերձները հագցուցին անոր եւ տարին զանիկա խաչը հանելու։ Դուրս ելլելով, Կիւրենացի մարդ մը գտան Սիմոն անունով, զանիկա պահակ բռնեցին որպէս զի անոր խաչը վերցնէ։ Եկան Գողգոթա ըսուած տեղը, որ է գանկի տեղ։ Լեղիով խառնուած քացախ տուին անոր, որպէս զի խմէ։ Երբ համը առաւ, խմել չուզեց։ Զանիկա խաչը հանեցին եւ անոր հանդերձները վիճակով բաժնեցին. [որպէս զի մարգարէէն ըսուածը կատարուի, «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ բաժնեցին եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»]։ Անոնք նստեր զանիկա կը պահէին։ Անոր գլխուն վրայ իր յանցանքը գրուած դրին, թէ ‘Ասիկա է Յիսուս, Հրէից թագաւորը’։ Այն ատեն անոր հետ երկու աւազակ խաչուեցան, մէկը անոր աջ կողմը ու մէկը ձախ կողմը։ Անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին, Ու կ’ըսէին. «Դուն որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր, ինքզինքդ ազատէ։ Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, իջիր այդ խաչէն»։ Նոյնպէս ալ քահանայապետները դպիրներուն ու ծերերուն հետ ծաղրելով՝ կ’ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել։ Եթէ Իսրայէլի թագաւոր է, թող հիմա իջնէ խաչէն եւ իրեն հաւատանք։ Աստուծոյ յուսացեր է, հիմա թող փրկէ ատիկա՝ եթէ կ’ուզէ։ Վասն զի ըսաւ, թէ ‘Ես Որդի Աստուծոյ եմ’»։ Իրեն հետ խաչուած աւազակներն ալ նոյնպէս կը նախատէին զանիկա։ Վեցերորդ ժամէն մինչեւ իններորդ ժամը բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ։ Ժամը իննին ատենները Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Էլի՜, Էլի՜, լա՞մա սաբաքթանի». որ ըսել է՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր». Անոնցմէ ոմանք որ հոն կայներ էին, երբ լսեցին՝ ըսին. «Ատիկա Եղիան կը կանչէ»։ Շուտ մը անոնցմէ մէկը վազեց սպունգ մը առաւ՝ քացախով լեցուց ու եղէգի մը անցընելով տուաւ անոր որպէս զի խմէ։ Միւսները ըսին. «Թո՛ղ տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա ազատելու»։ Յիսուս դարձեալ մեծ ձայնով աղաղակեց ու հոգին աւանդեց։ Ահա տաճարին վարագոյրը վերէն վար երկուքի ճեղքուեցաւ, երկիր շարժեցաւ, քարերը պատռեցան, Գերեզմանները բացուեցան ու շատ մը սուրբ ննջեցեալներու մարմիններ յարութիւն առին։ Եւ գերեզմաններէն ելան անոր յարութենէն յետոյ, մտան սուրբ քաղաքը ու շատերու երեւցան։ Բայց հարիւրապետը եւ անոր հետ Յիսուսը պահողները, երբ տեսան երկրաշարժը ու եղած բաները, շատ վախցան ու ըսին. «Արդարեւ ասիկա Որդի Աստուծոյ էր»։ Հոն շատ կիներ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին, որոնք Գալիլիայէն Յիսուսին ետեւէն եկան իրեն ծառայութիւն ընելու։ Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը եւ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը։ Երբ իրիկուն եղաւ, Արիմաթիայէն հարուստ մարդ մը եկաւ, որուն անունը Յովսէփ էր, որ ինքն ալ Յիսուսի աշակերտ էր։ Ասիկա Պիղատոսին քով երթալով՝ Յիսուսին մարմինը խնդրեց. այն ատեն Պիղատոս հրաման ըրաւ որ մարմինը տրուի։ Յովսէփ մարմինը առաւ, մաքուր կտաւով փաթթեց, Ու դրաւ իր նոր գերեզմանին մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ գերեզմանին դուռը մեծ քար մը գլորելով՝ գնաց։ Հոն Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը՝ գերեզմանին դիմաց նստած էին։ Հետեւեալ օրը, որ ուրբաթէն յետոյ էր, քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողվուեցան Պիղատոսին քով Ու ըսին. «Տէ՛ր, կը յիշենք թէ այն մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան ատեն կ’ըսէր թէ՝ ‘Երեք օրէն յետոյ յարութիւն պիտի առնեմ’, Ուստի հրաման ըրէ, որ մինչեւ երրորդ օրը գերեզմանին զգուշութիւն ընեն։ Չըլլայ թէ իր աշակերտները գիշերով գան զանիկա գողնան եւ ժողովուրդին ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներէն յարութիւն առաւ’. ու ետքի մոլորութիւնը առաջինէն գէշ ըլլայ»։ Պիղատոս անոնց ըսաւ. «Դուք ունիք պահապան զինուորներ. գացէ՛ք, զգուշութիւն ըրէք, ինչպէս որ կ’ուզէք»։ Անոնք ալ գացին գերեզմանին զգուշութիւն ըրին, քարը կնքելով ու պահապան զինուորներ դնելով ։ Շաբաթ գիշերը, երբ մէկշաբթին կը լուսնար, եկան Մարիամ Մագդաղենացին ու միւս Մարիամը գերեզմանը տեսնելու։ Ահա մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, վասն զի Տէրոջը հրեշտակը երկինքէն իջնելով, գնաց դռնէն մէկդի գլորեց քարը ու անոր վրայ նստաւ։ Անոր տեսքը փայլակի պէս էր ու անոր հանդերձները՝ ձիւնի պէս ճերմակ։ Անոր վախէն պահապանները խռովեցան ու մեռածի պէս եղան։ Հրեշտակը ըսաւ կիներուն. «Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը որ խաչուեցաւ։ Ան հոս չէ, վասն զի յարութիւն առաւ (Ինչպէս ըսած էր)։ Եկէք տեսէ՛ք այն տեղը, ուր Տէրը պառկած էր։ Շուտ մը գացէք անոր աշակերտներուն ըսէք թէ՝ ‘Անիկա մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ, հոն պիտի տեսնէք զանիկա’. ահա ձեզի ըսի»։ Անոնք շուտ մը գերեզմանէն ելան վախով ու մեծ ուրախութիւնով եւ վազեցին աշակերտներուն պատմելու։ Երբ կ’երթային անոր աշակերտներուն պատմելու, Յիսուս անոնց դէմը ելաւ ու ըսաւ. «Ողջո՜յն ձեզ»։ Անոնք մօտենալով անոր ոտքերը բռնեցին ու երկրպագութիւն ըրին անոր։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գացէք իմ եղբայրներուս ըսէք, որ Գալիլիա երթան։ Հոն զիս պիտի տեսնեն»։ Երբ անոնք կ’երթային, պահապան զինուորներէն մէկ քանին քաղաքը գացին ու քահանայապետներուն պատմեցին բոլոր եղած բաները։ Անոնք ալ ծերերուն հետ հաւաքուելով ու խորհուրդ ընելով՝ շատ ստակ տուին զինուորներուն, Ու ըսին. «Ըսէք թէ ‘Անոր աշակերտները գիշերով եկան զանիկա գողցան, երբ մենք կը քնանայինք’։ Եթէ այդ բանը կուսակալին ականջը հասնի, մենք զանիկա կը հաճեցնենք եւ ձեզ ապահով կ’ընենք»։ Անոնք ալ ստակը առին ու սորվածնուն պէս ըրին. եւ այս ձայնը Հրեաներուն մէջ տարածուեցաւ մինչեւ այսօր։ Իսկ տասնըմէկ աշակերտները գացին Գալիլիա, այն լեռը ուր Յիսուս իրենց որոշեր էր։ Երբ զանիկա տեսան, երկրպագութիւն ըրին անոր, բայց ոմանք տարակուսեցան։ Յիսուս մօտենալով՝ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ։ Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը։ Ամէն»։ Աստուծոյ Որդիին Յիսուս Քրիստոսի աւետարանին սկիզբը։ Ինչպէս մարգարէներուն մէջ գրուած է. «Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պատրաստէ առջեւդ»։ Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, «Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք»։ Յովհաննէս անապատին մէջ կը մկրտէր եւ ապաշխարութեան մկրտութիւնը կը քարոզէր՝ մեղքերու թողութեան համար։ Բոլոր Հրէաստանի երկիրը ու Երուսաղէմացիները կ’երթային անոր։ Ամէնքը կը մկրտուէին անկէ Յորդանան գետին մէջ՝ մեղքերնին խոստովանելով։ Յովհաննէս հագեր էր ուղտի մազ եւ իր մէջքը՝ կաշիէ գօտի ու իր կերակուրը մարախ ու վայրենի մեղր էր։ Ան կը քարոզէր ու կ’ըսէր. «Իմ ետեւէս ինծմէ զօրաւորը կու գայ։ Ես արժանի չեմ ծռելու եւ անոր կօշիկներուն կապերը արձակելու։ Ես ձեզ ջրով մկրտեցի, բայց անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ»։ Այն օրերը Յիսուս Գալիլիայի Նազարէթէն եկաւ ու Յովհաննէսէն մկրտուեցաւ Յորդանանի մէջ։ Ջուրէն ելլելուն պէս երկինքը բացուած տեսաւ եւ Հոգին աղաւնիի պէս՝ որ իր վրայ կ’իջնէր Եւ ձայն մը եկաւ երկնքէն, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ Անկէ յետոյ Հոգին անապատը հանեց զանիկա։ Քառասուն օր հոն էր՝ անապատին մէջ՝ Սատանայէն փորձուած եւ գազաններու հետ էր ու հրեշտակները իրեն սպասաւորութիւն կ’ընէին։ Յովհաննէսին մատնուելէն յետոյ Յիսուս Գալիլիա գալով, Աստուծոյ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր Ու կ’ըսէր. «Ժամանակը լրացած է եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէք ու աւետարանին հաւատացէք»։ Երբ Գալիլիացիներու ծովուն քովերը կը պտըտէր, տեսաւ Սիմոնը ու Սիմոնին եղբայրը Անդրէասը, ծովը ուռկան ձգած, վասն զի ձկնորս էին։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ ետեւէս եկէք ու ես ձեզ մարդոց որսորդ ըլլալու պիտի պատրաստեմ»։ Անոնք ալ շուտ մը իրենց ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։ Անկէ քիչ մը յառաջ երթալով՝ տեսաւ Զեբեդեան Յակոբոսը ու անոր եղբայրը Յովհաննէսը, որոնք նաւին մէջ ուռկանները կը կարկտնէին։ Զանոնք ալ կանչեց։ Անոնք ալ իրենց հայրը Զեբեդէոսը վարձկաններուն հետ նաւին մէջ ձգելով՝ անոր ետեւէն գացին։ Ու մտան Կափառնայում, ուր շաբաթ օրը ժողովարանը մտնելով՝ կը սորվեցնէր։ Ամէնքն ալ կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ, վասն զի իշխանութիւն ունեցողի մը պէս կը սորվեցնէր անոնց, ոչ թէ դպիրներուն պէս։ Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որ պիղծ ոգի ունէր իր ներսիդին, որը աղաղակեց՝ ըսելով. «Թող տուր, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար։ Գիտեմ թէ ո՛վ ես՝ Աստուծոյ Սուրբը»։ Յիսուս սաստեց՝ ըսելով. «Պապանձէ ու ել ատկէ»։ Պիղծ ոգին սաստիկ ցնցեց զանիկա ու մեծ ձայնով մը աղաղակեց ու անկէ ելաւ։ Ամէնքը զարմացան, այնպէս որ իրարու հարցուփորձ կ’ընէին. «Այս ի՞նչ է, ի՞նչ նոր վարդապետութիւն է այս, որ իշխանութիւնով պիղծ ոգիներուն ալ կը հրամայէ ու իրեն կը հնազանդին»։ Շուտ մը իր համբաւը Գալիլիայի բոլոր կողմերը տարածուեցաւ։ Յիսուս ժողովարանէն ելլելով՝ Սիմոնին ու Անդրէասին տունը մտաւ Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին հետ։ Սիմոնին զոքանչը ջերմէ բռնուած՝ պառկած էր։ Զոքանչին համար ըսին իրեն։ Յիսուս մօտեցաւ, անոր ձեռքէն բռնեց, վերցուց զանիկա եւ իսկոյն ջերմը թողուց զանիկա ու անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։ Իրիկունը՝ արեգակին մարը մտած ատենը՝ բոլոր հիւանդները եւ դիւահարները իրեն կը բերէին։ Բոլոր քաղաքը դուռը ժողվուեր էր։ Շատ հիւանդներ՝ կերպ կերպ ցաւերէ՝ բժշկեց ու շատ դեւեր հանեց։ Դեւերուն խօսիլ չէր տար, վասն զի զինք կը ճանչնային։ Առաւօտուն շատ կանուխ ելլելով՝ դեռ չլուսցած՝ գնաց անապատ մը եւ հոն աղօթք ըրաւ։ Սիմոն եւ իրեն հետ եղողները գացին անոր ետեւէն։ Երբ գտան զանիկա, ըսին անոր. «Ամէնքը քեզ կը փնտռեն»։ Ան ըսաւ. « Եկէք երթանք մերձակայ գիւղաքաղաքները, որպէս զի հոն ալ քարոզեմ, վասն զի այս բանին համար եկեր եմ»։ Բոլոր Գալիլիայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր ու դեւեր կը հանէր։ Բորոտ մը եկաւ անոր, կ՛աղաչէր, ծունկ կը դնէր ու կ’ըսէր անոր. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս խղճալով՝ ձեռքը երկնցուց, դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Երբ այս ըսաւ անոր, շուտ մը բորոտութիւնը անկէ գնաց ու մաքրուեցաւ։ Ինք սաստիկ պատուէր տալով անոր՝ շուտ մը դուրս հանեց զանիկա ու ըսաւ անոր. «Զգո՛յշ կեցիր, մարդո՛ւ բան մը չըսես, հապա գնա քեզ քահանային ցուցուր եւ տուր քու մաքրուելուդ ընծան որ Մովսէս պատուիրեց՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։ Բայց անիկա ելլելով՝ սկսաւ հրատարակել ու տարածել, այնպէս որ ա՛լ ինք չէր կրնար յայտնի կերպով քաղաք մը մտնել, հապա դուրսը՝ անապատը կը պտըտէր, բայց ամէն կողմէ իրեն կու գային։ Նորէն Կափառնայում մտաւ։ Քանի մը օր յետոյ լսուեցաւ թէ անիկա տան մը մէջ է։ Շուտով շատ մարդիկ ժողուեցան, այնպէս որ ա՛լ տեղ չկար, ոչ ալ՝ դրան քովերը ու կը պատգամէր անոնց Աստուծոյ խօսքը։ Իրեն չորս մարդով վերցուած անդամալոյծ մը բերին, Բայց տեսնելով որ բազմութենէն չէին կրնար անոր մօտենալ, քակեցին տանը տանիքը ուր կը գտնուէր Յիսուս ու ծակ մը բանալով վար իջեցուցին մահիճը, որուն վրայ պառկած էր անդամալոյծը։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Ո՛րդեակ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։ Մէկ քանի դպիրներ, որ հոն նստեր էին, իրենց սրտերուն մէջ կը խորհէին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար ասիկա այսպիսի հայհոյութիւններ կ’ընէ, ոչ ոք կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։ Յիսուս իսկոյն իմանալով իր հոգիին մէջ՝ որ անոնք այնպէս կը խորհին իրենց մէջ, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կը խորհիք սրտերնուդ մէջ։ Ո՞րը աւելի դիւրին է անդամալոյծին՝ ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են’ ըսե՞լը, թէ՝ ‘Ելիր, մահիճդ առ ու քալէ’ ըսելը։ Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու, (ըսաւ անդամալոյծին). «Քեզի կ’ըսեմ, Ելի՛ր, մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։ Ան ալ շուտ մը ելաւ եւ իր մահիճը առնելով՝ ամենուն առջեւէն դուրս ելաւ, այնպէս որ ամէնքը ապշած մնացին, եւ փառք տուին Աստուծոյ ու ըսին. «Այսպիսի բան մը ամենեւին տեսած չէինք»։ Յետոյ ելաւ ծովեզերքը։ Բոլոր ժողովուրդը իրեն կու գային եւ կը սորվեցնէր անոնց։ Երբ կ’անցնէր, տեսաւ Ղեւի Ալփէոսեանը, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր ու ըսաւ անոր. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ելաւ անոր ետեւէն գնաց։ Երբ սեղան նստած էր անոր տանը մէջ, շատ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ ալ սեղան նստած էին Յիսուսին ու անոր աշակերտներուն հետ. քանզի շատուոր էին որոնք անոր ետեւէն կ՛երթային։ Դպիրներն ու փարիսեցիները, երբ տեսան թէ անիկա մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կ’ուտէ, ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ կ’ուտէ ու կը խմէ»։ Յիսուս երբ լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա՝ հիւանդներուն։ Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա՝ մեղաւորները »։ Յովհաննէսին ու փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահէին։ Եկան ու ըսին անոր. «Ինչո՞ւ Յովհաննէսին ու փարիսեցիներուն աշակերտները ծոմ կը պահեն, բայց քու աշակերտները ծոմ չեն պահեր»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է որ հարսանիքին տղաքը, երբ փեսան իրենց հետ է, ծոմ պահեն։ Որչափ ժամանակ որ փեսան իրենց հետ է, կարելի չէ որ ծոմ պահեն։ Բայց օրեր պիտի գան, երբ փեսան իրենցմէ վերցուի, այն ատեն ծոմ պիտի պահեն։ Մէկը կարկտան չի ձգեր նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի վրայ. քանզի՝ այն նորը որ անոր լրութեանը համար դրուած է, հինէն կ’առնէ ու պատռուածքը աւելի գէշ կ’ըլլայ, Ոչ ալ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ կը դնէ. քանզի՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ ու գինին կը թափի եւ տիկերը կը կորսուին. հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է»։ Երբ շաբաթ օր մը ինք արտերուն մէջէն կ՛անցնէր, իր աշակերտները, որ իր հետ էին, սկսան ցորենի հասկեր փրցնել։ Փարիսեցիները ըսին իրեն. «Նայէ շաբաթ օրը ի՞նչ կ’ընեն, որ արտօնուած չէ»։ Ինքն ալ անոնց ըսաւ. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը՝ երբ անօթեցաւ պէտք ունեցաւ եւ ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին։ Մտաւ Աստուծոյ տունը Աբիաթար քահանայապետին օրով եւ առաջաւորութեան հացերը կերաւ ու տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին, որ մէկո՛ւն օրինաւոր չէր ուտել, բայց միայն քահանաներուն»։ Եւ աւելցուց. «Շաբաթը մարդուն համար եղաւ, ո՛չ թէ մարդը շաբաթին համար։ Եւ ուրեմն Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է»։ Նորէն ժողովարանը մտաւ, ուր մարդ մը կար՝ որուն ձեռքը չորցած էր։ Ոմանք կը սպասէին տեսնելու թէ արդեօք շաբաթ օրը զանիկա պիտի բժշկէ՞, որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։ Յիսուս ձեռքը չորցած մարդուն ըսաւ. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ »։ Ու ըսաւ անոնց. «Շաբաթ օրը բարի՞ք ընել արժան է՝ թէ չարիք ընել, հոգի մը ապրեցնե՞լ՝ թէ մեռցնել»։ Անոնք լուռ կեցան։ Յիսուս բարկութեամբ շուրջանակի անոնց նայելով՝ անոնց սրտերուն կուրութեանը համար տրտմած, ըսաւ այն մարդուն. «Ձեռքդ երկնցուր»։ Ան ալ երկնցուց եւ անոր ձեռքը ողջնցաւ։ Փարիսեցիները Հերովդէսեաններուն հետ մէկտեղ շուտ մը դուրս ելլելով, անոր դէմ խորհուրդ կ’ընէին թէ ի՞նչպէս կորսնցնեն զանիկա։ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ ծովեզերքը գնաց եւ շատ բազմութիւն անոր ետեւէն գացին Գալիլիայէն ու Հրէաստանէն, Եւ Երուսաղէմէն ու Եդովմէն եւ Յորդանանի անդիի կողմէն ու անոնք ալ որ Տիւրոսի ու Սիդոնի շրջակայ տեղերէն էին, մեծ բազմութեամբ, երբ լսեցին ինչ որ կ’ընէր։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ նաւակ մը պատրաստեն իրեն համար՝ ժողովուրդին բազմութեանը պատճառաւ, որպէս զի զինք չնեղեն։ Քանզի շատերը բժշկեց, այնպէս որ ցաւ ունեցողներ վրան կը դիզուէին, որպէս զի իրեն դպչին։ Պիղծ ոգիները երբ զինք կը տեսնէին, կ’իյնային իր առջեւ, կը կանչուըռտէին ու կ’ըսէին. «Դուն ես Աստուծոյ Որդին»։ Ինք սաստիկ կը յանդիմանէր զանոնք, որ զինք չյայտնեն։ Յիսուս լեռը ելլելով՝ իր ուզածները իրեն կանչեց ու գացին անոր քով։ Տասներկու հոգի ընտրեց, որպէս զի իրեն հետ ըլլան, որպէս զի զանոնք ղրկէ քարոզելու։ Ու իշխանութիւն տուաւ ցաւերը բժշկելու եւ դեւերը հանելու։ Սիմոնին անունը Պետրոս դրաւ. Եւ Զեբեդեան Յակոբոսին ու Յակոբոսին եղբօրը Յովհաննէսին անունները Բաներեգէս դրաւ, որ ըսել է՝ «Որդի որոտման». Անդրէասն ու Փիլիպպոսը, Բարթողիմէոսն ու Մատթէոսը, Թովմասն ու Ալփէոսեան Յակոբոսը, Թադէոսն ու Սիմոն Կանանացին Եւ Յուդա Իսկարիովտացին, որ յետոյ մատնեց զանիկա։ Տուն մը գացին։ Նորէն ժողովուրդը ժողվուեցաւ, այնպէս որ հաց ուտելու ալ ժամանակ չկրցան գտնել ։ Երբ իրենները լսեցին, ելան որ զինք բռնեն. քանզի կ’ըսէին. «Խելռած է»։ Այն դպիրները, որոնք Երուսաղէմէն իջեր էին, կ’ըսէին թէ «Ասոր ներսիդին Բէեղզեբուղ կայ եւ դեւերուն մեծ իշխանովը դեւերը կը հանէ»։ Յիսուս զանոնք կանչելով՝ առակներով ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կրնայ Սատանան սատանայ հանել։ Եթէ թագաւորութիւն մը իրեն դէմ բաժնուի, այն թագաւորութիւնը չի կրնար կենալ։ Եթէ տուն մը իրեն դէմ բաժնուի, այն տունը չի կրնար կենալ։ Եթէ Սատանան իրեն դէմ ելած ու բաժնուած է, անիկա չի կրնար կենալ, հապա անոր վերջը հասած կ’ըլլայ։ Մէկը չի կրնար զօրաւոր մարդու մը տունը մտնելով անոր կարասիները յափշտակել, եթէ առաջ զօրաւոր մարդը չկապէ ու ետքը անոր տունը կողոպտէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ «Ամէն մեղք պիտի ներուի մարդոց որդիներուն եւ հայհոյութիւնները՝ որչափ որ հայհոյեն. Բայց ով որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյէ, յաւիտեան թողութիւն պիտի չունենայ, հապա յաւիտենական դատաստանին պարտաւոր պիտի ըլլայ»։ Վասն զի կ’ըսէին պիղծ ոգի կայ անոր ներսիդին։ Ետքը անոր մայրը ու եղբայրները եկան ու դուրսը կայնելով՝ մարդ ղրկեցին ու կանչեցին զանիկա։ Ժողովուրդը, որ անոր բոլորտիքը նստեր էր, իրեն ըսին. «Ահա քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են եւ քեզ կ’ուզեն»։ Անիկա պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ո՞վ է իմ մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս»։ Ու իր բոլորտիքը նստողներուն նայելով՝ ըսաւ. «Ահա իմ մայրս ու իմ եղբայրներս. Վասն զի ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս»։ Դարձեալ սկսաւ սորվեցնել ծովեզերքը եւ շատ ժողովուրդ անոր քով ժողվուեցաւ, այնպէս որ ինք նաւը մտաւ ու նստաւ, իսկ ժողովուրդը՝ ծովեզերքը։ Անոնց շատ բաներ կը սորվեցնէր առակներով ու կ’ըսէր անոնց իր վարդապետութեանը մէջ. «Լսեցէ՛ք, ահա սերմ ցանողը ելաւ որպէս զի սերմ ցանէ։ Երբ կը ցանէր, մէկ քանին ճամբուն քով ինկան եւ թռչունները եկան ու կերան զանոնք։ Ուրիշ մը ինկաւ ապառաժուտ տեղ մը, ուր շատ հող չկար։ Շուտ մը բուսաւ՝ հողին խորունկութիւն չունենալուն համար, Սակայն արեւուն ծագած ատենը այրեցաւ ու արմատ չունենալուն համար չորցաւ։ Ուրիշ մը ինկաւ փուշերու մէջ եւ փուշերը ելան ու խեղդեցին զանիկա ու պտուղ չտուաւ։ Ուրիշներ ինկան աղէկ հողի մէջ ու պտուղ տուին, որ ելան ու մեծցան եւ կը բերէին մէկուն տեղ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն, մէկուն տեղ՝ հարիւր»։ Ու կ’ըսէր. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։ Երբ առանձինն էր, իր քով եղողները՝ տասներկուքին հետ մէկտեղ՝ հարցուցին իրեն այս առակին մասին։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի տրուած է գիտնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդը, բայց անոնց՝ որ դուրսէն են, ամէն բան առակներով կ’ըլլայ. Որպէս զի տեսնելով տեսնեն՝ ու չտեսնեն եւ լսելով լսեն՝ ու չիմանան, որպէս զի չըլլայ թէ դարձի գան եւ իրենց մեղքերուն թողութիւն ըլլայ»։ Ապա ըսաւ անոնց. «Այս առակը չէ՞ք գիտեր. ուրեմն ի՞նչպէս պիտի գիտնաք բոլոր առակները։ Սերմ ցանողը խօսքը կը ցանէ։ Ճամբուն քովինները անոնք են, որոնց մէջ խօսքը կը ցանուի ու երբ լսեն, շուտ մը Սատանան կու գայ եւ անոնց սրտերուն մէջ ցանուած խօսքը կը հանէ։ Ապառաժուտ տեղերու վրայ ցանուածները անոնք են, որ երբ լսեն խօսքը, շուտ մը ուրախութեամբ կ’ընդունին զանիկա, Բայց իրենց մէջ արմատ չունենալով՝ քիչ ժամանակ կը տեւեն, ետքը երբ նեղութիւն կամ հալածանք ըլլայ խօսքին համար, շուտ մը կը գայթակղին։ Փուշերուն մէջ ցանուածները անոնք են, որ երբ խօսքը լսեն, Աշխարհիս զբաղմունքներն ու հարստութեան խաբէութիւնները եւ ուրիշ բաներու ցանկութիւններ մէջ մտնելով, խօսքը կը խեղդեն ու կ’ըլլան անպտուղ։ Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածները անոնք են, որ խօսքը կը լսեն եւ կ’ընդունին ու պտուղ կու տան՝ մէկուն տեղ՝ երեսուն, մէկուն տեղ՝ վաթսուն ու մէկուն տեղ՝ հարիւր»։ Ապա ըսաւ անոնց. «Միթէ ճրագը գրուանին կամ մահիճին տա՞կ դրուելու համար կու գայ, չէ՞ որ աշտանակին վրայ դրուելու համար։ Վասն զի ծածուկ բան մը չկայ, որ պիտի չյայտնուի. եւ գաղտուկ բան մը չէ եղած, որ երեւան չելլէ։ Եթէ մէկը լսելու ականջ ունի, թող լսէ»։ Յետոյ ըսաւ անոնց. «Նայեցէք, ի՞նչ կը լսէք. ի՛նչ չափով որ դուք կը չափէք, նոյն չափովը պիտի չափուի ձեզի եւ ձեզի որ կը լսէք, պիտի աւելնայ։ Վասն զի ո՛վ որ ունի անոր պիտի տրուի. եւ ո՛վ որ չունի, ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի»։ Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը այնպէս է, որպէս թէ մարդ մը հողին մէջ սերմ ցանէ Ու քնանայ եւ արթննայ գիշեր ու ցորեկ եւ սերմը բուսնի ու մեծնայ ու ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս։ Քանզի հողը ինքնիրմէ պտուղ կու տայ. առաջ խոտը, ետքը հասկը, անկէ ետք լեցուն ցորենը հասկին մէջ։ Երբ պտուղը հասուննայ մանգաղը գործի կ’սկսի վասն զի հունձքի ատենը հասած է»։ Ապա կ’ըսէր. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք կամ ի՞նչ առակով զանիկա բացատրենք։ Մանանեխի հատին նման է, որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է, Բայց երբ ցանուի, բուսնի, բոլոր ծառերէն ալ մեծ կ’ըլլայ ու մեծ ճիւղեր կ’արձակէ, այնպէս որ երկնքի թռչուններուն կը բաւէ անոր շուքին տակ բնակելու»։ Այսպէս շատ առակներով կը խօսէր անոնց, որչափ որ կրնային մտիկ ընել։ Առանց առակի բան մը չէր խօսեր անոնց, բայց առանձինն աշակերտներուն կը մեկնէր բոլորը։ Նոյն օրը երբ իրիկուն եղաւ, ըսաւ աշակերտներուն. « Եկէք ծովուն անդիի կողմը անցնինք»։ Անոնք ալ ժողովուրդը արձակելով՝ առին զինք, որ արդէն նաւուն մէջ էր. եւ ուրիշ նաւակներ ալ կային անոր հետ։ Մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիքները նաւուն վրայ կու գային, այնպէս որ գրեթէ նաւը կը լեցուէր։ Ինք նաւուն ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար. արթնցուցին զանիկա եւ ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»։ Ու ելլելով՝ սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. «Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր»։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ։ Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ հաւատք չունիք»։ Անոնք խիստ վախցան ու ըսին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ հովն ու ծովը ասոր կը հնազանդին»։ Գացին ծովուն անդիի կողմը՝ Գադարացիներուն երկիրը։ Երբ ինք նաւէն ելաւ, գերեզմաններէն ելած մարդ մը պատահեցաւ իրեն, որ պիղծ ոգի ունէր, Որուն բնակած տեղն ալ գերեզմաններուն մէջ էր ու շղթայով ալ մէկը չէր կրնար զանիկա կապել, Որովհետեւ շատ անգամ ոտնակապերով եւ շղթաներով կապուեր էր, բայց անիկա շղթաները կտրեր ու ոտնակապերը կոտրտեր էր եւ մէ՛կը չէր կրնար զանիկա նուաճել։ Միշտ գիշեր ու ցորեկ գերեզմաններուն ու լեռներուն մէջ՝ ՝ կը կանչուըռտէր ու իր մարմինը քարերով կը ճեղքռտէր։ Երբ հեռուէն Յիսուսը տեսաւ, վազեց ու երկրպագութիւն ըրաւ անոր Եւ մեծ ձայնով մը աղաղակեց ու ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս, Որդի Բարձրեալ Աստուծոյ, քեզ Աստուծմով կ’երդմնցնեմ, զիս մի՛ տանջեր»։ (Քանզի կ’ըսէր անոր. ‘Պի՛ղծ ոգի, ելիր այդ մարդէն’։) Յիսուս անոր հարցուց. «Անունդ ի՞նչ է»։ Ան ալ ըսաւ. «Իմ անունս Լէգէոն է, վասն զի շատուոր ենք»։ Եւ շատ կ’աղաչէին անոր՝ որ զիրենք այն երկրէն դուրս չղրկէ։ Հոն լերանը մօտ խոզերու մեծ երամակ մը կար՝ որ կ’արածէին։ Բոլոր դեւերը աղաչեցին անոր ու ըսին. «Մեզ խոզերուն ղրկէ, որպէս զի անոնց մէջ մտնենք»։ Յիսուս հրաման տուաւ անոնց։ Երբ պիղծ ոգիները ելան, խոզերուն մէջ մտան եւ երամակը գահավէժ տեղէն ծովը վազեց, (երկու հազարի չափ կային,) ու ծովուն մէջ խեղդուեցան։ Խոզարածները փախան ու պատմեցին՝ քաղաքը ու ագարակները եւ մարդիկ եկան տեսնելու՝ թէ ի՛նչ է եղած։ Եկան Յիսուսի քով, տեսան դիւահարը, որ լէգէոն ունէր, որ հագուած ու խելքը վրան եկած նստեր էր ու վախցան։ Անոնք որ տեսեր էին, պատմեցին անոնց թէ ի՞նչ եղաւ դիւահարին, նաեւ խոզերուն։ Անոնք ալ աղաչեցին Յիսուսին, որպէս զի իրենց սահմաններէն երթայ։ Երբ անիկա նաւը մտաւ, դիւահարը կ’աղաչէր անոր՝ որ անոր հետ երթայ, Բայց Յիսուս թող չտուաւ, հապա ըսաւ անոր. «Գնա քու տունդ, քու ընտանիքիդ ու պատմէ թէ Տէրը ինչպէս ողորմեցաւ քեզի»։ Ան ալ գնաց եւ սկսաւ Դեկապոլիսի մէջ պատմել ինչ որ Յիսուս իրեն ըրաւ։ Ամէնքը կը զարմանային։ Երբ Յիսուս նաւով նորէն ծովուն անդիի կողմը անցաւ, շատ բազմութիւն ժողվուեցաւ անոր քով եւ ինք ծովեզերքն էր։ Ժողովրդապետներէն մէկը եկաւ, որուն անունը Յայրոս էր։ Երբ տեսաւ Յիսուսը, անոր ոտքը ինկաւ, Աղաչեց անոր ու ըսաւ. «Իմ աղջիկս մեռնելու մօտ է, եկո՛ւր, անոր վրայ ձեռք դիր, որպէս զի ազատի ու պիտի ապրի»։ Ան ալ գնաց անոր հետ ու շատ բազմութիւն իր ետեւէն կ’երթային ու կը նեղէին զինք։ Կին մը, որ տասներկու տարի արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր Ու շատ նեղութիւն կրած էր շատ բժիշկներէ եւ իր բոլոր ունեցածը վատներ էր ու օգուտ մը չէր գտեր, հապա ալ աւելի սաստկացեր էր, Երբ Յիսուսի վրայով լսեց, ետեւէն եկաւ բազմութեանը մէջ ու անոր հանդերձին դպաւ. Քանզի կ’ըսէր. «Եթէ միայն անոր հանդերձներուն դպչիմ, պիտի բժշկուիմ»։ Շուտ մը իր արիւնին աղբիւրը ցամքեցաւ ու իր մարմնին մէջ իմացաւ թէ տանջանքէն բժշկուեցաւ։ Եւ Յիսուս գիտցաւ թէ զօրութիւն մը իրմէ ելաւ, դարձաւ բազմութեան ու ըսաւ. «Ո՞վ դպաւ իմ հանդերձներուս»։ Աշակերտները ըսին իրեն. «Կը տեսնես թէ բազմութիւնը քեզ կը նեղէ ու կ’ըսես թէ՝ ‘Ո՞վ ինծի դպաւ’»։ Յիսուս իր բոլորտիքը նայեցաւ, որպէս զի այս բանը ընողը տեսնէ։ Կինը վախցաւ ու դողաց, վասն զի գիտէր թէ իրեն ի՛նչ եղաւ եւ եկաւ՝ անոր առջեւ ինկաւ ու բոլոր բաները շիտկէ շիտակ ըսաւ անոր։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։ Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն ոմանք եկան ու ըսին. «Աղջիկդ մեռաւ, ալ ինչո՞ւ վարդապետը կը յոգնեցնես»։ Իսկ Յիսուս ըսուած խօսքը լսելուն պէս ժողովրդապետին ըսաւ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա»։ Եւ մէկը թող չտուաւ որ իրեն հետ երթայ, միայն Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յակոբոսին եղբայրը՝ Յովհաննէսը։ Ժողովրդապետին տունը հասնելով՝ տեսաւ սաստիկ լացողներ ու լսեց աղաղակներ։ Ներս մտնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ խռովեր էք ու կու լաք. մանուկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ Ոմանք ծաղր կ’ընէին զանիկա. բայց ինք ամէնքը դուրս հանելով՝ իրեն հետ առաւ մանուկին հայրն ու մայրը եւ զանոնք որ իրեն հետ էին ու մտաւ հոն՝ ուր մանուկը պառկած էր։ Մանուկին ձեռքէն բռնելով՝ ըսաւ անոր. «Տալի՛թա, կո՛ւմի». որ կը թարգմանուի՝ «Աղջի՛կ, (քեզի կ’ըսեմ,) ելիր»։ Իսկոյն աղջիկը ոտքի ելաւ ու կը քալէր, վասն զի տասներկու տարեկան էր. տեսնողները շատ ապշեցան։ Յիսուս սաստիկ պատուէր տուաւ անոնց՝ որ մա՛րդ չգիտնայ այս բանը ու ըսաւ, որ անոր ուտելիք տան։ Անկէ ելլելով գնաց իր երկիրը։ Իր աշակերտները իր ետեւէն գացին։ Երբ շաբաթ օրը հասաւ, սկսաւ ժողովարանին մէջ սորվեցնել։ Շատեր լսելով կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ասիկա ուրկէ՞ ունի այս բաները եւ այս ի՞նչ իմաստութիւն է ասոր տրուած, որ այսպիսի հրաշքներ կ’ըլլան ասոր ձեռքով։ Ասիկա հիւսնը չէ՞։ Մարիամին որդին եւ Յակոբոսին ու Յովսէսին եւ Յուդային ու Սիմոնին եղբայրը ու ասոր քոյրերը հոս մեր քով չե՞ն»։ Անոր վրայով կը գայթակղէին։ Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը ոեւէ տեղ անպատիւ չէ՝ բայց միայն իր երկրին, իր ազգականներուն եւ իր տանը մէջ»։ Ու չէր կրնար հոն հրաշք ընել, միայն քանի մը հիւանդներու վրայ ձեռք դրաւ ու բժշկեց զանոնք ։ Ինք անոնց անհաւատութեանը վրայ կը զարմանար ու շրջակայ գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէր։ Իրեն կանչեց տասներկուքը ու երկու երկու ղրկեց զանոնք ու անոնց իշխանութիւն տուաւ պիղծ ոգիներուն վրայ Եւ պատուիրեց անոնց՝ որ ճամբու համար բան մը չառնեն, բայց միայն գաւազան մը. ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց, ո՛չ ստակ՝ գօտիներուն մէջ. Հապա հողաթափ հագնին. եւ «Կրկին հանդերձ մի՛ հագնիք», ըսաւ ։ Ու աւելցուց. «Ո՛ր տուն որ մտնէք, հոն կեցէք մինչեւ անկէ ելլէք։ Անոնք որ ձեզ չեն ընդունիր ու ձեզի մտիկ չեն ըներ, երբ անկէ ելլէք, ոտքերնուդ տակի փոշին թօթուեցէք՝ անոնց վկայութիւն ըլլալու համար։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Սոդոմացիներուն ու Գոմորացիներուն աւելի դիւրին պիտի ըլլայ դատաստանին օրը քան թէ այն քաղաքին՝ ՝»։ Անոնք ելլելով, կը քարոզէին որ մարդիկ ապաշխարեն։ Շատ դեւեր կը հանէին ու շատ հիւանդներ իւղով կ’օծէին ու կը բժշկէին զանոնք։ Երբ Հերովդէս թագաւորը լսեց, (քանզի անոր անունը յայտնի եղաւ,) ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտիչ մեռելներէն յարութիւն առեր է ու անոր համար հրաշքներ կ’ըլլան անով»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Եղիան է». ուրիշներ ալ կ’ըսէին. «Մարգարէ մըն է, կամ մարգարէներէն մէկուն պէս»։ Բայց Հերովդէս կրկին ըսաւ. «Ասիկա Յովհաննէսն է, որուն գլուխը ես կտրեցի, մեռելներէն յարութիւն առեր է»։ Քանզի Հերովդէս ինք մարդ ղրկեց Յովհաննէսը բռնեց ու կապելով բանտը դրաւ իր եղբօրը Փիլիպպոսի կնոջ՝ Հերովդիային՝ համար, քանզի իրեն կին առեր էր զանիկա։ Վասն զի Յովհաննէս Հերովդէսին կ’ըսէր. «Քեզի օրինաւոր չէ քու եղբօրդ կինը առնել»։ Հերովդիա ոխ ունէր անոր դէմ ու կ’ուզէր զանիկա մեռցնել ու չէր կրնար. Վասն զի Հերովդէս կը վախնար Յովհաննէսէն, գիտնալով թէ անիկա արդար եւ սուրբ մարդ մըն է եւ անոր բերանը կը նայէր ու անկէ լսելով՝ շատ բաներ կ’ընէր եւ քաղցրութեամբ մտիկ կ’ընէր։ Յարմար օր մը եկաւ՝ երբ Հերովդէս իր ծննդեան օրը՝ ընթրիք կ’ընէր իր մեծամեծներուն եւ հազարապետներուն ու Գալիլիայի երեւելիներուն հետ։ Հերովդիայի աղջիկը հանդէսին սրահը մտնելով պարեց ու հաճելի եղաւ Հերովդէսին եւ իրեն հետ նստողներուն։ Թագաւորը ըսաւ աղջկան. «Խնդրէ ինծմէ ինչ որ կ’ուզես ու պիտի տամ քեզի»։ Եւ անոր երդում ըրաւ ըսելով. «Ինչ որ դուն ինծմէ խնդրես, պիտի տամ քեզի, մինչեւ թագաւորութեանս կէսը»։ Աղջիկը դուրս ելլելով՝ իր մօրը հարցուց. «Ի՞նչ ուզեմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը»։ Շուտ մը արտորալով թագաւորին քով մտաւ ու խնդրեց՝ ըսելով. «Կ’ուզեմ որ շուտով սկուտեղի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը տաս ինծի»։ Թագաւորը խիստ տրտմեցաւ, բայց երդումներուն համար ու իրեն հետ նստողներուն համար չուզեց որ անոր խնդիրքը մերժէ։ Թագաւորը իսկոյն դահիճ մը ղրկեց ու հրաման ըրաւ Յովհաննէսին գլուխը բերել։ Ան ալ գնաց, բանտին մէջ գլխատեց զանիկա Եւ սկուտեղով մը բերաւ անոր գլուխը ու տուաւ աղջկան։ Աղջիկը զանիկա իր մօրը տուաւ։ Յովհաննէսին աշակերտները լսելով՝ եկան անոր մարմինը վերցուցին ու գերեզմանի մէջ դրին։ Առաքեալները Յիսուսին քով ժողվուեցան ու պատմեցին անոր ամէն ինչ որ ըրին եւ ինչ որ սորվեցուցին։ Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք», քանզի շատեր կու գային ու կ’երթային եւ հաց ուտելու ալ ժամանակ չէին ձգեր։ Նաւով անապատ մը գացին՝ առանձինն։ Ու ժողովուրդը տեսաւ զանոնք, որ կ’երթային։ Շատեր զանիկա ճանչցան ու ոտքով բոլոր քաղաքներէն հոն կը վազէին։ Անոնցմէ առաջ հասնելով անոր քով ժողվուեցան։ Յիսուս, երբ դուրս ելաւ, շատ ժողովուրդ տեսնելով խղճաց անոնց վրայ, վասն զի հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին եւ շատ բաներ սորվեցուց անոնց։ Երբ ժամանակը շատ անցաւ, իր աշակերտները իրեն եկան ու ըսին. « Հոս անապատ տեղ մըն է, ժամանակը անցած է։ Արձակէ ժողովուրդը որպէս զի երթան բոլորտիքի ագարակները ու գիւղերը ու իրենց հաց գնեն, վասն զի ուտելու բան մը չունին»։ Բայց անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Դուք տուէք ատոնց որ ուտեն»։ Ըսին իրեն. «Երթանք երկու հարիւր դահեկանի հաց գնենք եւ տա՞նք ատոնց որ ուտեն»։ Ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք, գացէք նայեցէ՛ք»։ Երբ իմացան՝ ըսին. «Հինգ ու երկու ձուկ»։ Հրաման ըրաւ անոնց՝ որ ամէնքը կանանչ խոտին վրայ գունդ գունդ նստեցնեն։ Դաս դաս նստան, հարիւրական, յիսունական։ Հինգ նկանակը ու երկու ձուկը առաւ ու դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց եւ մանրեց նկանակները ու տուաւ իր աշակերտներուն, որպէս զի անոնց առջեւ դնեն ու երկու ձուկը ամենուն ալ բաժնեն։ Ամէնքը կերան ու կշտացան, Եւ տասներկու կողով լեցուն՝ կտորուանք վերցուցին եւ ձուկերէն ալ։ Այն հացերէն ուտողները հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին։ Շուտ մը իր աշակերտները արտորցուց որ նաւը մտնեն եւ իրմէ առաջ միւս կողմը Բեթսայիդա անցնին, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ, Ու անոնցմէ զատուելով՝ լեռը ելաւ աղօթք ընելու։ Երբ իրիկուն եղաւ, նաւը ծովուն մէջտեղն էր, բայց ինք մինակ ցամաքն էր։ Տեսաւ զանոնք, որ կը տագնապէին հովէն թի քաշելու ատեն, վասն զի հովը իրենց դէմ էր։ Յիսուս գիշերուան չորրորդ պահուն ծովուն վրայէն քալելով գնաց անոնց։ Կ’ուզէր անոնցմէ անցնիլ։ Անոնք, երբ տեսան, որ ծովուն վրայէն կը քալէր, կարծեցին թէ աչքի երեւոյթ մըն է, ուստի կանչուըռտեցին. Քանզի ամէնքն ալ զանիկա տեսան ու խռովեցան։ Ինք շուտ մը խօսեցաւ անոնց հետ ու ըսաւ. «Քա՛ջ եղէք, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Եւ նաւը ելաւ անոնց քով ու հովը դադարեցաւ։ Անոնք մտքերնուն մէջ չափէ դուրս ապշած էին ու կը զարմանային, Վասն զի հացին վրայ եղած հրաշքը չիմացան, քանզի սրտերնին թմրած էր։ Միւս կողմը անցնելով՝ Գեննեսարէթի երկիրը հասան ու նաւը տեղաւորեցին։ Երբ նաւէն ելան, այն տեղի մարդիկը իսկոյն ճանչցան զանիկա Եւ ասդին անդին վազեցին բոլոր շրջակայքը։ Սկսան մահիճներով հիւանդներ բերել՝ ուր որ կը լսէին թէ հոն է։ Եւ ուր որ կը մտնէր, գիւղերը կամ քաղաքները կամ ագարակները, հրապարակներուն մէջ կը դնէին հիւանդները ու կ’աղաչէին իրեն որ գոնէ իր հանդերձին քղանցքին դպչին։ Անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան։ Իր քով ժողվուեցան փարիսեցիներէն ու դպիրներէն ոմանք որ Երուսաղէմէն եկած էին։ Երբ տեսան թէ անոր աշակերտներէն ոմանք պիղծ, այսինքն անլուայ ձեռքերով՝ հաց կ’ուտեն, մեղադրեցին, Վասն զի փարիսեցիներն ու բոլոր Հրեաները մինչեւ աղէկ մը ձեռքերնին չլուան՝ հաց չեն ուտեր, քանզի ծերերուն աւանդութիւնը կը բռնեն։ Շուկայէն եկած ատեննին եթէ չլուացուին՝ չեն ուտեր։ Ասոնց նման շատ բաներ կան, որոնք ընդունած են ու կը բռնեն, այսինքն գաւաթներու եւ փարչերու ու պղնձէ ամաններու եւ անկողիններու լուացումներ։ Այն ատեն փարիսեցիներն ու դպիրները հարցուցին անոր. «Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ ծերերուն աւանդութեանը պէս չեն շարժիր ու անլուայ ձեռքերով հաց կ’ուտեն»։ Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ Ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’։ Վասն զի Աստուծոյ պատուիրանքը թողելով՝ մարդոց աւանդութիւնը կը բռնէք, ինչպէս ՝ փարչերու եւ գաւաթներու մաքրութիւններ եւ ասոնց նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։ Ու ըսաւ անոնց. «Աղէկ կ’անարգէք Աստուծոյ պատուիրանքը, որպէս զի ձեր աւանդութիւնը պահէք։ Քանզի Մովսէս ըսաւ. ‘Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ. եւ Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, մահով թող մեռնի’։ Բայց դուք կ’ըսէք. ‘Եթէ մէկը իր հօրը կամ մօրը ըսէ՝ ‘Այն բանը զոր ինծմէ պիտի շահիս Աստուծոյ տալու կորբան է, (որ ըսել է՝ ընծայ,) ազատ կ’ըլլայ անիկա ’. Եւ ա՛լ թող չէք տար անոր բան մը ընել իր հօրը կամ իր մօրը. Ու Աստուծոյ խօսքը կը խափանէք ձեր աւանդութիւնովը եւ ասոր նման շատ ուրիշ բաներ կ’ընէք»։ Բոլոր ժողովուրդը իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէք ինծի ամէնքդ ու հասկցէք։ Բան մը չկայ որ դուրսէն մարդուն ներսը մտնէ ու կարող ըլլայ զանիկա պղծել, հապա այն բաները, որ անկէ կ’ելլեն, անոնք են որ մարդը կը պղծեն։ Ով որ լսելու կանջ ունի՝ թող լսէ»։ Երբ ինք այն բազմութենէն զատուելով տուն մտաւ, իր աշակերտները հարցուցին իրեն այն առակին համար։ Ըսաւ անոնց. «Դո՞ւք ալ այդպէս անմիտ էք. չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ դուրսէն մարդուն ներսիդին կը մտնէ, չի կրնար զանիկա պղծել. Վասն զի ոչ թէ անոր սրտին մէջ կը մտնէ, հապա փորը եւ արտաքնոցը կ’ելլէ (ուստի բոլոր ուտելիքները մաքուր են)»։ Եւ շարունակեց. «Ինչ որ կ՛ելլէ մարդուն ներսէն, անիկա կը պղծէ մարդը։ Վասն զի ներսէն, մարդոց սրտէն, կ’ելլեն չար խորհուրդներ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, սպաննութիւններ, Գողութիւններ, ագահութիւններ, չարութիւններ, նենգութիւն, գիջութիւն, չար աչք, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ Այս բոլոր չար բաները ներսէն կ’ելլեն ու կը պղծեն մարդը»։ Անկէ ելլելով Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմանները գնաց։ Տուն մը մտնելով չէր ուզեր որ մէկուն յայտնուի, բայց չկրցաւ ծածկուիլ։ Ահա կին մը, որուն աղջիկը պիղծ ոգի ունէր իր ներսիդին, լսեց անոր գալը, եկաւ, անոր ոտքը ինկաւ։ Այն կինը հեթանոս էր, ազգով Փիւնիկ Ասորի ու կ’աղաչէր անոր՝ որ դեւը իր աղջիկէն հանէ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող տուր որ առաջ տղաքը կշտանան, քանզի աղէկ չէ տղոցը հացը առնել ու շուներուն ձգել»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուներն ալ՝ սեղանին տակ տղոցը փշրանքներէն կը կերակրուին»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Այդ խօսքիդ համար գնա՛, քու աղջիկէդ դեւը ելաւ»։ Կինը իր տունը երթալով, գտաւ որ դեւը ելած էր ու աղջիկը անկողնին վրայ պառկած էր։ Նորէն Տիւրոսի ու Սիդոնի սահմաններէն ելլելով, գնաց Գալիլիայի ծովեզերքը, Դեկապոլիսի սահմաններուն մէջէն։ Մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ ու դժուարախօս ու կ’աղաչէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ։ Ժողովուրդէն մէկդի առնելով զանիկա, իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ, Ապա երկինք նայելով՝ հառաչեց ու ըսաւ անոր. «Եփփաթա», (որ ըսել է Բացուէ՛.) Եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան ու անոր լեզուին կապը քակուեցաւ եւ շիտակ կը խօսէր։ Յիսուս անոնց պատուիրեց որ մարդո՛ւ չըսեն։ Թէեւ ինք կը պատուիրէր անոնց, բայց անոնք ա՛լ աւելի կը տարածէին Ու չափէ դուրս կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ամէն բաները աղէկ ըրաւ ասիկա, որ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ»։ Այն օրերը ժողովուրդը խիստ շատ ըլլալով եւ ուտելու բան մը չունենալով, Յիսուս իրեն կանչեց իր աշակերտները ու ըսաւ անոնց. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասն զի հիմա երեք օր է, որ իմ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու։ Եթէ ատոնք անօթի ղրկեմ իրենց տուները, ճամբուն մէջ պիտի մարին, վասն զի ատոնցմէ ոմանք հեռու տեղէ եկած են»։ Իր աշակերտները պատասխան տուին իրեն. «Այս անապատին մէջ ուրկէ՞ կրնայ մէկը հացով կշտացնել ատոնք»։ Յիսուս հարցուց անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»։ Անոնք ըսին. «Եօթը» Հրաման ըրաւ ժողովուրդին՝ որ գետնին վրայ նստին։ Առաւ եօթը նկանակը, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, որպէս զի ժողովուրդին առջեւ դնեն եւ դրին։ Քանի մը մանր ձուկեր ալ ունէին։ Օրհնեց ու ըսաւ որ զանոնք ալ դնեն անոնց առջեւ։ Կերան ու կշտացան ու աւելցած կտորուանքը վերցուցին եօթը զամբիւղ։ Ուտողները չորս հազարի չափ էին ու արձակեց զանոնք։ Եւ շուտ մը նաւ մտնելով աշակերտներուն հետ՝ գնաց Դաղմանութայի կողմերը։ Փարիսեցիները ելլելով՝ սկսան անոր հետ վիճաբանութիւն ընել եւ զանիկա փորձելով՝ իրմէ նշան մը կ’ուզէին երկնքէն։ Անիկա իր հոգիին մէջ հառաչելով՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ այս ազգը նշան կ’ուզէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ այս ազգին նշան պիտի չտրուի»։ Ու զանոնք թող տալով նորեն նաւը մտաւ ու գնաց ծովուն միւս կողմը։ Հաց առնել մոռցեր էին, բայց նաւուն մէջ իրենց հետ միայն մէկ նկանակ ունէին։ Պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք փարիսեցիներուն ու Հերովդէսին խմորէն»։ Անոնք իրարու հետ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Հաց չունենալնուս համար է»։ Յիսուս անոնց խորհուրդը իմանալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը խորհիք թէ հաց չունիք. տակաւին չէ՞ք հասկնար ու չէ՞ք իմանար. դեռ սրտերնիդ թմրա՞ծ է։ Աչքեր ունիք ու չէ՞ք տեսներ եւ ականջներ ունիք ու չէ՞ք լսեր։ Չէ՞ք յիշեր, երբ հինգ նկանակը հինգ հազարին կտրեցի։ Քանի՞ կողով լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Ըսին անոր. «Տասներկու»։ «Ու երբ եօթը նկանակը չորս հազարին կտրեցի, քանի՞ զամբիւղ լեցուն կտորուանք վերցուցիք»։ Անոնք ալ ըսին. «Եօթը»։ Ու ըսաւ անոնց. « Հապա ի՞նչպէս չէք հասկնար»։ Երբ Բեթսայիդա գնաց, անոր առջեւ կոյր մը բերին ու կ’աղաչէին իրեն որ դպչի անոր։ Անիկա կոյրին ձեռքէն բռնելով գիւղէն դուրս հանեց ու անոր աչքերուն թքնելով՝ ձեռքը անոր վրայ դրաւ ու հարցուց անոր թէ՝ բան մը կը տեսնէ՞։ Ան ալ նայեցաւ ու ըսաւ. «Մարդիկ կը տեսնեմ ծառերու պէս որ կը պտըտին»։ Նորէն ձեռքը անոր աչքերուն վրայ դրաւ ու անոր նայիլ տուաւ եւ ողջնցաւ ու ամէն բան համարձակ կը տեսնէր։ Ետքը զանիկա իր տունը ղրկելով՝ ըսաւ. «Գիւղը մի՛ մտներ ու գիւղին մէջ մարդու մի՛ ըսեր»։ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ Փիլիպպոսի Կեսարիայի գիւղերը ելաւ ու ճամբուն մէջ հարցուց իր աշակերտներուն ու ըսաւ անոնց. «Ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն մարդիկ թէ եմ»։ Անոնք պատասխան տուին ու ըսին. «Ոմանք ՝ Յովհաննէս Մկրտիչը, ուրիշներ ալ՝ Մարգարէներէն մէկը»։ Եւ ինք ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ անոր. «Դուն ես Քրիստոսը»։ Սաստիկ պատուիրեց անոնց՝ որ իրեն համար մարդո՛ւ բան չըսեն։ Ապա սկսաւ սորվեցնել անոնց, թէ «Պէտք է որ Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ ու երէցներէն եւ քահանայապետներէն ու դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի եւ երեք օրէն յետոյ յարութիւն առնէ»։ Ու այս խօսքը յայտնի խօսեցաւ։ Պետրոս մէկդի առաւ զանիկա ու սկսաւ յանդիմանել։ Ինք դարձաւ ու իր աշակերտներուն նայելով՝ յանդիմանեց Պետրոսը ու ըսաւ. «Ետի՛ս գնա, Սատանայ, վասն զի դուն Աստուծոյ բաները չես մտածեր, հապա մարդոց բաները»։ Ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ով որ կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի ու աւետարանին համար իր անձը կը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։ Քանզի ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ. Կամ իր անձին համար ի՞նչ ազատչէք պիտի տայ մարդ։ Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ այս շնացող ու մեղաւոր ազգին մէջ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքովը սուրբ հրեշտակներուն հետ»։ Եւ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս ներկայ եղողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը զօրութիւնով եկած»։ Վեց օր յետոյ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու զանոնք բարձր լեռ մը հանեց առանձինն եւ անոնց առջեւ այլակերպեցաւ։ Իր հանդերձները եղան փայլուն, խիստ ճերմակ, այնպէս որ երկրի վրայ թափիչ մը չէր կրնար այդպէս ճերմկցնել։ Ու Եղիան Մովսէսին հետ երեւցաւ անոնց եւ Յիսուսին հետ խօսեցան։ Ապա Պետրոս ըսաւ Յիսուսին. «Ռա՛բբի, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի, մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային»։ Վասն զի չէր գիտեր թէ ի՛նչ խօսի, քանզի զարհուրեր էին։ Ամպ մը հովանի եղաւ անոնց վրայ ու ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։ Երբ յանկարծ ասդին անդին նայեցան, ուրիշ մէկը չտեսան, հապա միայն Յիսուսը՝ իրենց հետ։ Երբ լեռնէն վար կ’իջնէին, պատուիրեց անոնց որ տեսածնին մարդու չպատմեն, բայց միայն Որդին մարդոյ մեռելներէն յարութիւն առնելէն յետոյ։ Անոնք այն խօսքը պահեցին ու իրենց մէջ հարցուփորձ կ’ընէին թէ ‘Մեռելներէն յարութիւն առնել ի՞նչ ըսել է’։ Իրեն հարցուցին ու ըսին. «Այն ի՞նչ է որ դպիրները կ’ըսեն թէ ‘Պէտք է որ առաջ Եղիան գայ’»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Յիրաւի առաջ Եղիան պիտի գայ եւ ամէն բան կարգի դնէ, ի՛նչպէս գրուած է Որդին մարդոյ համար, որ շատ չարչարանքներ պիտի կրէ ու անարգուի. Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Եղիան եկաւ ալ եւ ինչ որ ուզեցին՝ ըրին անոր, ինչպէս գրուած էր անոր համար»։ Աշակերտներուն քովը գալով՝ տեսաւ շատ ժողովուրդ անոնց բոլորտիքը եւ դպիրներ, որ վիճաբանութիւն կ’ընէին անոնց հետ։ Բոլոր ժողովուրդը, երբ տեսան զանիկա, խիստ զարմացան ու առաջ վազելով բարեւ կու տային անոր։ Յիսուս հարցուց դպիրներուն. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք անոնց հետ»։ Ժողովուրդէն մէկը պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, իմ որդիս քեզի բերի, որ համր ոգի ունի։ Ուր որ անոր հասնի, զանիկա գետինը կը զարնէ, ան ալ կը փրփրի եւ իր ակռաները կը կրճտէ ու կը ցամքի։ Քու աշակերտներուդ բերի որ զանիկա հանեն ու չկրցան»։ Պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ով անհաւատ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի համբերեմ. ինծի բերէք զանիկա»։ Զանիկա բերին իրեն. երբ տղան տեսաւ Յիսուսը, շուտ մը չար ոգին ցնցեց զանիկա որը գետին ինկաւ, թաւալեցաւ ու փրփրեցաւ։ Յիսուս հարցուց անոր հօրը ու ըսաւ. «Ո՞րչափ ատեն է որ այդ բանը ատոր եղաւ»։ Անիկա ըսաւ. «Տղայութենէն ի վեր։ Շատ անգամ կրակի ու ջուրի մէջ կը նետէ ատիկա՝ որպէս զի կորսնցնէ. բայց եթէ կարողութիւն մը ունիս՝ օգնէ մեզի, խղճալով մեր վրայ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ կրնաս հաւատալ։ Ամէն բան կարելի է անոր՝ որ կը հաւատայ»։ Տղուն հայրը աղաղակեց ու արցունքով ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր, օգնէ իմ անհաւատութեանս»։ Յիսուս, երբ տեսաւ որ ժողովուրդը վրան կը դիզուի, սաստեց պիղծ ոգիին ու ըսաւ անոր. «Համր ու խուլ ոգի, կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ, ու մեյմըն ալ չմտնես ատոր ներսը»։ Ոգին կանչուըռտելով՝ սաստիկ ցնցեց զանիկա ու ելաւ. եւ տղան մեռելի պէս եղաւ, այնպէս որ շատեր ըսին թէ «Մեռաւ»։ Իսկ Յիսուս անոր ձեռքէն բռնելով վերցուց զանիկա։ Ան ալ կայնեցաւ։ Ու երբ ինք տուն մտաւ, իր աշակերտները առանձինն հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել զանիկա»։ Ըսաւ անոնց. «Այդ տեսակը կարելի չէ ուրիշ բանով մը հանել, բայց միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ»։ Անկէ ելլելով Գալիլիայի մէջէն կ’անցնէին ու չէր ուզեր որ մէկը գիտնայ։ Վասն զի կը սորվեցնէր իր աշակերտներուն ու կ’ըսէր անոնց թէ՝ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, զանիկա պիտի սպաննեն ու երբ սպաննուի՝ երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ։ Անոնք չէին հասկնար այն խօսքին իմաստը ու կը վախնային իրեն հարցնելու։ Եկաւ Կափառնայում ու երբ տուն մտաւ՝ հարցուց անոնց. «Ի՞նչ վիճաբանութիւն կ’ընէիք ճամբան իրարու հետ» Անոնք լուռ կեցան, վասն զի ճամբուն մէջ իրարու հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին թէ՝ ո՞վ մեծ է։ Երբ նստաւ, կանչեց տասներկուքը ու ըսաւ անոնց. «Եթէ մէկը կ’ուզէ առաջին ըլլալ, ամենէն յետինը պէտք է ըլլայ եւ ամենուն սպասաւորը»։ Ու տղայ մը առաւ կայնեցուց անոնց մէջ. ապա իր գիրկը առնելով զանիկա՝ ըսաւ անոնց. «Ով որ այսպիսի տղոցմէ մէկը ընդունի իմ անունովս, զիս կ’ընդունի եւ ով որ զիս ընդունի, ոչ թէ զիս կ’ընդունի, հապա զիս ղրկողը»։ Յովհաննէս Յիսուսին ըսաւ. «Վա՛րդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր, բայց մեր ետեւէն չի պտըտիր։ Զանիկա արգիլեցինք՝ մեր ետեւէն չպտըտելուն համար։ Յիսուս ըսաւ. «Մի՛ արգիլէք զանիկա, վասն զի մէկը չկայ, որ իմ անունովս հրաշք գործէ ու կարենայ ինծի հայհոյել։ Քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր՝ ՝ կողմէն է։ Վասն զի ան որ ձեզի գաւաթ մը ջուր խմցնէ իմ անունովս՝ ՝ թէ դուք Քրիստոսինն էք, ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Անիկա իր վարձքը պիտի չկորսնցնէ’»։ «Եւ ով որ գայթակղեցնէ այս պզտիկներէն մէկը, որ ինծի կը հաւատայ, աւելի աղէկ էր որ ջաղացքի քար մը անոր վզէն կախուէր ու ծովը ձգուէր»։ «Եթէ քու ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա. աղէկ է քեզի պակասաւոր մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք ունենալ ու գեհեանը երթալ չմարելու կրակին մէջ, Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։ Եթէ քու ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ զանիկա. աղէկ է քեզի կաղ մտնել կեանքը, քան թէ երկու ոտք ունենալ ու գեհեանը ձգուիլ չմարելու կրակին մէջ, Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։ Եթէ քու աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա. աղէկ է քեզի մէկ աչքով Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ ու կրակին գեհեանը ձգուիլ, Ուր անոնց որդը չի մեռնիր ու կրակը չի մարիր։ Վասն զի ամէն մարդ կրակով պիտի աղուի եւ ամէն զոհ աղով պիտի աղուի։ Աղը աղէկ է, բայց եթէ աղը անհամնայ, ինչո՞վ պիտի համովցնէք. ձեր անձին մէջ աղ ունեցէք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք»։ Անկէ ելլելով՝ Հրէաստանի սահմանները գնաց՝ Յորդանանի անդիի կողմէն։ Նորէն ժողովուրդը անոր քով կը ժողվուէին եւ ինչպէս սովորութիւն ունէր, դարձեալ կը սորվեցնէր անոնց։ Փարիսեցիները քովը եկան եւ զանիկա փորձելով՝ կը հարցնէին անոր թէ «Արժա՞ն է որ այրը իր կինը արձակէ»։ Անիկա պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Մովսէս ձեզի ի՞նչ պատուիրեց»։ Անոնք ըսին. «Մովսէս հրաման տուաւ արձակման գիր գրել ու արձակել»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին կարծրութեանը համար գրեց ձեզի այդ պատուէրը. Բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ», ու ըսաւ. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի Ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան. ուստի ա՛լ երկու չեն, հապա մէկ մարմին։ Ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ»։ Եւ տունը իր աշակերտները նորէն նոյն բանը հարցուցին իրեն։ Ըսաւ անոնց. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ’ընէ։ Ու կին մը եթէ իր էրիկէն զատուի եւ ուրիշ էրիկ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։ Մանր տղաք բերին իրեն. որպէս զի անոնց դպչի, բայց աշակերտները կը յանդիմանէին բերողները։ Յիսուս երբ տեսաւ, սրդողելով անոնց ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը, որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։ Եւ զանոնք գիրկը առաւ, անոնց վրայ ձեռք դրաւ ու օրհնեց զանոնք։ Երբ անիկա դուրս ելաւ ճամբուն մէջ, ահա մարդ մը վազեց ու անոր առջեւ ծունկի գալով՝ հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես։ Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի՛ ըներ, Սպաննութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Զրկանք մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»։ Յիսուս անոր նայելով՝ սիրեց զանիկա ու ըսաւ անոր. «Մէկ բան պակաս է քեզի. գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ խաչը վերցուր ու եկուր իմ ետեւէս»։ Անիկա այս խօսքին համար խոժոռելով՝ տրտմած գնաց, վասն զի շատ ստացուածք ունէր։ Յիսուս իր շուրջը նայելով՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին»։ Աշակերտները զարմացան անոր խօսքերուն վրայ. բայց Յիսուս նորէն շարունակեց ու անոնց ըսաւ. «Որդեա՛կներ, ո՜րչափ դժուար է Ատուծոյ թագաւորութիւնը մտնել իրենց հարստութեան յուսացողներուն։ Դիւրին է որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ Անոնք խիստ շատ զարմացան ու ըսին իրարու. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ Յիսուս անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց ո՛չ Աստուծոյ կողմէ. քանզի Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, Որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’։ Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան ետին ու յետիններ՝ առաջին»։ Երբ անոնք դէպի Երուսաղէմ կ’ելլէին ու ճամբուն մէջ էին, Յիսուս անոնցմէ առաջ կ’երթար։ Անոնք կը զարմանային ու ետեւէն երթալով՝ կը վախնային։ Նորէն քովը առնելով տասներկուքը, սկսաւ թուել անոնց՝ ինչ բաներ որ իրեն պիտի պատահէին. Ու ըսաւ. «Ահա Երուսաղէմէն կ’ելլենք եւ Որդին մարդոյ պիտի մատնուի քահանայապետներուն ու դպիրներուն եւ զանիկա մահուան պիտի դատապարտեն ու զանիկա հեթանոսներուն պիտի մատնեն Եւ զանիկա ծաղր պիտի ընեն ու ծեծեն եւ անոր վրայ պիտի թքնեն ու զանիկա մեռցնեն, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ Ապա անոր քով գացին Յակոբոսն ու Յովհաննէսը՝ Զեբեդէոսի որդիները՝ ու ըսին. «Վա՛րդապետ, կ’ուզենք որ քեզմէ ինչ որ խնդրենք՝ մեզի ընես»։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ ձեզի»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Շնորհէ մեզի, որ նստինք մեզմէ մէկը՝ աջ կողմդ եւ միւսը՝ ձախ կողմդ քու փառքիդ մէջ»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Չէք գիտեր ի՛նչ կը խնդրէք։ Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես կը խմեմ եւ այն մկրտութիւնովը մկրտուիլ՝ որով ես կը մկրտուիմ»։ Անոնք ըսին իրեն. «Կրնանք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Այն գաւաթը որ ես կը խմեմ՝ պիտի խմէք եւ այն մկրտութիւնովը որով ես կը մկրտուիմ՝ պիտի մկրտուիք, Բայց իմ աջ կողմս ու ձախ կողմս նստիլը՝ իմս չէ տալը, հապա որոնց որ պատրաստուած է»։ Ու երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին, սկսան Յակոբոսին ու Յովհաննէսին նեղանալ։ Իսկ Յիսուս իրեն կանչեց զանոնք ու ըսաւ անոնց. «Գիտէք թէ ազգերուն իշխան սեպուածները կը տիրեն անոնց եւ անոնց մեծամեծները կ’իշխեն անոնց. Բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ձեր սպասաւորը պէտք է ըլլայ. Ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, անիկա ամենուն ծառայ պէտք է ըլլայ։ Քանզի Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերուն համար իբր փրկանք տալու»։ Եկան Երիքով։ Երբ Երիքովէն կ’ելլէր աշակերտներովը եւ շատ բազմութիւնով, Տիմէոսի որդին կոյր Բարտիմէոս ճամբուն քով նստեր էր մուրալու։ Երբ լսեց թէ Յիսուս Նազովրեցին է, սկսաւ աղաղակել ու ըսել. «Յիսո՛ւս, որդի՛ Դաւթի, ողորմէ՛ ինծի»։ Շատեր կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ։ Բայց անիկա ա՛լ աւելի կ’աղաղակէր. «Որդի՛ Դաւիթի, ողորմէ ինծի»։ Յիսուս կանգ առնելով՝ ըսաւ որ զանիկա կանչեն։ Կանչեցին կոյրը ու ըսին անոր. «Քա՛ջ եղիր, ելի՛ր, քեզ կը կանչէ»։ Անիկա իր հանդերձը ձգելով, ելաւ ու եկաւ Յիսուսին։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ» Կոյրը ըսաւ. «Ռաբբունի, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Եւ շուտ մը անոր աչքերը բացուեցան ու ճամբան Յիսուսին ետեւէն կ’երթար։ Երբ Երուսաղէմի մօտեցան, Բեթփագէ ու Բեթանիա դէպի Ձիթենեաց լեռը, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց, ըսելով. «Գացէք այդ ձեր դիմացի գիւղը, անոր մէջ մտնելնուդ պէս՝ պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ մարդ մը նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք։ Եթէ մէկը ըսէ ձեզի թէ ‘Այդ ի՞նչ կ’ընէք’, ըսէք ‘Տէրոջը պէտք է’. եւ շուտ մը հոս պիտի ղրկէ զանիկա»։ Գացին եւ գտան աւանակը՝ դուրսը փողոցին մէջ՝ դրանը քով կապուած ու արձակեցին զանիկա։ Եւ հոն կայնողներէն ոմանք ըսին անոնց. «Ի՞նչու կ’արձակէք այդ աւանակը»։ Անոնք ըսին անոնց ինչպէս Յիսուս պատուիրեր էր ու իրենց թող տուին։ Երբ աւանակը Յիսուսին բերին, անոր վրայ իրենց հանդերձները դրին ու նստաւ անոր վրայ։ Շատեր իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին եւ ուրիշներ ծառերէն ճիւղեր կը կտրէին ու ճամբուն վրայ կը տարածէին։ Առջեւէն ու ետեւէն գացողները կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Ովսա՛ննա. Օրհնեալ է ան որ Տէրոջը անունովը կու գայ։ Օրհնեալ է մեր Դաւիթ հօրը թագաւորութիւնը որ կու գայ. Ովսաննա ի բարձունս»։ Յիսուս մտաւ Երուսաղէմ ու գնաց տաճարը եւ չորս կողմը՝ ամէն բան աչքէ անցուց։ Արդէն ժամանակը իրիկուն ըլլալով՝ Բեթանիա ելաւ տասներկուքին հետ մէկտեղ։ Հետեւեալ օրը Բեթանիայէն կ’ելլէին, անօթեցաւ Եւ հեռուէն տերեւալից թզենի մը տեսնելով գնաց, խորհելով թէ վրան բան մը կը գտնէ, բայց երբ անոր քով գնաց՝ տերեւներէն զատ բան չգտաւ, վասն զի դեռ թուզի ատենը չէր։ Այն ատեն ըսաւ անոր. «Ասկէ յետոյ մէկը քեզմէ պտուղ չուտէ յաւիտեան»։ Իր աշակերտները լսեցին։ Երբ հասան Երուսաղէմ, Յիսուս տաճարը մտնելով՝ դուրս հանեց զանոնք, որ տաճարին մէջ կը ծախէին ու կը գնէին։ Ստակ փոխողներուն սեղաններն ու աղաւնի ծախողներուն աթոռները կործանեց Եւ թող չտուաւ, որ մէկը տաճարին մէջէն աման մը անցնէ Եւ սորվեցուց անոնց ու ըսաւ. «Գրուած չէ՞ թէ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն’, բայց դուք անիկա աւազակներու այր ըրիք»։ Դպիրներն ու քահանայապետները զայս լսելով՝ կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս կորսնցնեն զանիկա, քանզի անկէ կը վախնային. վասն զի բոլոր ժողովուրդը զարմացեր էր անոր վարդապետութեանը վրայ։ Իրիկունը քաղաքէն դուրս ելաւ։ Առտուն երբ անկէ կ’անցնէին, թզենին տեսան արմատէն չորցած։ Պետրոսին միտքը եկաւ ու ըսաւ անոր. «Ռաբբի՛, ահա՛ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք. Քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Ով որ այս լերան ըսէ՝ «Ելի՛ր ու ծովը ինկի՛ր» եւ իր սրտին մէջ չերկմտի, հապա հաւատայ թէ ի՛նչ որ ըսէ՝ կ’ըլլայ, պիտի ըլլայ անոր ինչ որ ըսէ’։ Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ի՛նչ բան որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք թէ պիտի առնէք եւ պիտի ըլլայ ձեզի’։ Երբ աղօթքի կը կայնիք, ներեցէ՛ք եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէս զի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները։ Իսկ եթէ դուք չներէք, ձեր Հայրն ալ որ երկինքն է, պիտի չներէ ձեր յանցանքները»։ Նորէն Երուսաղէմ եկան։ Երբ տաճարին մէջ կը պտըտէր, քահանայապետները եւ դպիրները ու ծերերը անոր եկան Ու ըսին անոր. «Ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները եւ ո՞վ տուաւ քեզի այդ իշխանութիւնը, որ այդ բաները ընես»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ, եթէ ինծի պատասխան տաք, ես ալ ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները։ Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկինքէ՞ն էր՝ թէ մարդոցմէ։ Պատասխան տուէք ինծի»։ Անոնք իրենց մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ըսենք՝ Երկնքէն, պիտի ըսէ, Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր. Իսկ եթէ ըսենք՝ Մարդոցմէ, ժողովուրդէն կը վախնային, վասն զի ամէնքը գիտէին թէ Յովհաննէսը ճշմարտապէս մարգարէ էր»։ Ուստի պատասխան տալով՝ ըսին Յիսուսին. «Չենք գիտեր»։ Յիսուս ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։ Ապա շարունակեց առակներով խօսիլ անոնց հետ ու ըսել. «Մարդ մը այգի տնկեց, անոր շուրջը ցանկ քաշեց, հնձան փորեց, աշտարակ շինեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր մը գնաց։ Ատենին ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի մշակներէն այգիին պտուղէն առնէ։ Իսկ անոնք բռնեցին, ծեծեցին զանիկա, պարապ ճամբեցին։ Նորէն ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց անոնց։ Զանիկա քարկոծելով գլուխը վիրաւորեցին ու անարգուած ճամբեցին։ Դարձեալ ուրիշ մը ղրկեց։ Զանիկա սպաննեցին։ Շատ ուրիշներ ալ ղրկեց, որոնցմէ մէկ քանիները ծեծեցին ու մէկ քանիները սպաննեցին։ Ուստի՝ սիրելի որդի մըն ալ ունենալով, վերջապէս զանիկա ալ ղրկեց անոնց՝ ըսելով. «Թերեւս ամչնան իմ որդիէս»։ Բայց այն մշակները ըսին իրարու. «Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք զանիկա սպաննենք ու ժառանգութիւնը մերը ըլլայ»։ Բռնեցին զանիկա ու սպաննեցին ու այգիէն դուրս հանեցին։ Ուստի այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ։ Պիտի գայ ու կորսնցնէ մշակները եւ այգին ուրիշներու պիտի տայ։ Այս գիրը չէ՞ք կարդացեր, թէ ‘Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’. Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ զարմանալի է մեր աչքերուն»։ Մտածեցին բռնել զանիկա, բայց ժողովուրդէն վախցան, քանզի իմացան որ այն առակը իրենց համար ըսաւ եւ ձգեցին զանիկա ու գացին։ Եւ Փարիսեցիներն ու Հերովդէսեանները քանի մը հոգի ղրկեցին անոր, որպէս զի խօսքով բռնեն զանիկա։ Անոնք եկան ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, գիտենք թէ ճշմարտասէր ես եւ մէկո՛ւն համար հոգդ չէ, քանզի մարդոց երեսպաշտութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես. Կայսրին տուրք տալ օրինաւո՞ր է։ Տա՞նք թէ չտանք»։ Յիսուս գիտնալով անոնց կեղծաւորութիւնը՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք։ Բերէ՛ք ինծի դահեկան մը որ տեսնեմ»։ Անոնք բերին։ Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն է այս պատկերը ու գիրը»։ Անոնք ըսին. «Կայսրին»։ Յիսուս պատասխան տալով ըսաւ անոնց. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք »։ Ու զարմացան անոր վրայ։ Անոր քով եկան սադուկեցիներ, որոնք կ’ըսեն թէ յարութիւն չկայ եւ անոր հարցուցին՝ ըսելով. «Վարդա՛պետ, Մովսէս մեզի գրեց թէ՝ ‘Եթէ մէկուն եղբայրը մեռնի ու կինը ձգէ եւ զաւակ չունենայ, անոր եղբայրը առնէ անոր կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ Արդ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին առաւ ու մեռաւ եւ զաւակ չունեցաւ։ Երկրորդը առաւ զանիկա ու մեռաւ։ Ան ալ զաւակ չունեցաւ. նոյնպէս ալ երրորդը։ Ու եօթն ալ զանիկա առին եւ զաւակ չունեցան. ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ Ուրեմն յարութեան ատեն, երբ յարութիւն առնեն, անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ատոր համար չէ՞ որ մոլորած էք, որ ո՛չ գրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը։ Քանզի երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կին կ’առնեն եւ ո՛չ էրկան կը տրուին, հապա երկնքի հրեշտակներուն պէս կ’ըլլան։ Բայց մեռելներուն համար՝ թէ յարութիւն կ’առնեն, Մովսէսին գրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր մորենիին վրայ, ի՛նչպէս Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. ‘Ես եմ Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը’։ Անիկա մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն. ուրեմն դուք խիստ մոլորած էք»։ Դպիրներէն մէկը եկաւ ու մտիկ կ’ընէր անոնց՝ երբ վիճաբանութիւն կ’ընէին ու երբ տեսաւ թէ աղէկ պատասխան տուաւ անոնց, հարցուց անոր ու ըսաւ. «Ո՞րն է բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը»։ Յիսուս պատասխանեց անոր. «Բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը այս է. ‘Լսէ՛, ո՛վ Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է’. ‘Եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ’։ Ասիկա է առաջին պատուիրանքը։ Ու երկրորդը ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’. ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ»։ Դպիրը ըսաւ անոր. «Աղէկ, վա՛րդապետ, շիտակ խօսեցար թէ Աստուած մէկ է եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ. Եւ բոլոր սրտով ու բոլոր մտքով եւ բոլոր անձով ու բոլոր զօրութիւնով զանիկա սիրելը ու ընկերը իր անձին պէս սիրելը ամէն ողջակէզներէ ու զոհերէ աւելի է»։ Յիսուս տեսնելով որ անիկա խելացութիւնով պատասխան տուաւ, ըսաւ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»։ Եւ ա՛լ ուրիշ մէկը չէր համարձակեր անոր բան մը հարցնել։ Երբ Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէր՝ ըսաւ. «Դպիրները ինչպէ՞ս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։ Ինք՝ Դաւիթ Սուրբ Հոգիով կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս. մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Ուրեմն Դաւիթ ինք որ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ»։ Ժողովուրդէն շատերը յօժարութեամբ մտիկ կ’ընէին անոր։ Իր վարդապետութեանը մէջ կ’ըսէր անոնց. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը փնտռեն Ու ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները. Որոնք որբեւարիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն։ Ասոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։ Եւ Յիսուս գանձանակին քով նստած՝ կը նայէր թէ ժողովուրդը գանձանակին մէջ ի՛նչպէս ստակ կը ձգէ։ Շատ հարուստներ շատ բան ձգեցին։ Աղքատ որբեւարի մըն ալ եկաւ ու երկու լումայ ձգեց, որ նաքարակիտ մը կ’ընէ։ Իր աշակերտները իրեն կանչելով՝ ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին գանձանակը ստակ ձգողներուն ամենէն աւելին ձգեց. Վասն զի ամէնքը իրենց աւելցածէն ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն՝ ունեցածին բոլորը ձգեց՝ իր բոլոր ապրուստը»։ Երբ տաճարէն դուրս կ’ելլէր, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Վա՛րդապետ, նայէ ի՛նչպէս քարեր են եւ ի՛նչ կերպ շէնքեր»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Կը տեսնե՞ս այդ մեծ շէնքերը. քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ, որ չքակուի»։ Երբ անիկա Ձիթենեաց լեռը՝ տաճարին դէմ՝ նստեր էր, Պետրոսն ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսն ու Անդրէասը հարցուցին իրեն առանձինն. «Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ նշան պիտի ըլլայ այդ բաներուն կատարուելու ատենը»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ. Վասն զի շատեր պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ ‘Ես եմ Քրիստոսը ’ ու շատերը պիտի մոլորեցնեն։ Բայց երբ լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր՝ մի՛ խռովիք, վասն զի պէտք է ըլլայ, բայց դեռ «վերջ»ը չէ։ Վասն զի ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ երկրաշարժներ պիտի ըլլան. սովեր ու խռովութիւններ ալ պիտի ըլլան։ Ասոնք ցաւերուն սկիզբն են։ Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն համար. քանզի ձեզ ատեաններու պիտի մատնեն ու ժողովարաններու մէջ ձեզ պիտի ծեծեն եւ իմ անուանս համար կուսակալներու ու թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ անոնց վկայութիւն տալու համար։ Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։ Բայց երբ ձեզ մատնելու տանին, առաջուընէ հոգ մի՛ ընէք եւ մի՛ մտածէք թէ ի՛նչ պիտի խօսիք, հապա այն ժամուն ինչ որ ձեզի տրուի՝ զանիկա խօսեցէք. վասն զի ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա Սուրբ Հոգին»։ «Եղբայր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եւ հայրը՝ որդին եւ որդիներ իրենց ծնողքներուն վրայ պիտի ելլեն ու մեռցնեն զանոնք։ Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք։ Բայց ո՛վ որ մինչեւ վերջը համբերէ՝ անիկա պիտի ապրի։ Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցաւ ըսուած է, թէ արժան չեղած տեղը կը կենայ, (ով որ կարդայ՝ թող հասկնայ) այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին Եւ ան որ տանիքին վրայ է՝ թող տուն չիջնէ ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու Եւ ան որ արտին մէջ է՝ թող ետ չդառնայ իր հանդերձը առնելու։ Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն։ Աղօթք ըրէք, որ ձեր փախչիլը ձմեռը չըլլայ։ Քանզի այն օրերը այնպիսի նեղութիւն պիտի ըլլայ, որուն նմանը Աստուծոյ ստեղծած արարածներուն սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։ Եթէ Տէրը այն օրերը չկարճեցնէ, բնաւ մարմին մը պիտի չապրի։ Բայց ընտրեալներուն համար որոնք ընտրեց՝ այն օրերը կարճեցուց։ Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ՝ ‘Ահա հո՛ս է Քրիստոսը’, կամ ‘Ահա հո՛ն’, մի՛ հաւատաք. Վասն զի սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու նշաններ եւ հրաշքներ պիտի ցուցնեն, որպէս զի եթէ կարելի ըլլայ, ընտրեալներն ալ մոլորեցնեն։ Իսկ դուք զգո՛յշ կեցէք. ահա առաջուընէ ըսի ձեզի ամէնը»։ «Բայց այն օրերը այն նեղութենէն յետոյ արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։ Եւ աստղերը երկնքէն պիտի թափթփին ու երկնքին մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին։ Այն ատեն Որդին մարդոյ պիտի տեսնեն ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութեամբ եւ փառքով։ Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը»։ «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. երբ անոր ոստերը կը կակուղնան ու տերեւները կը ցցուին, կը հասկնաք թէ՝ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս ալ դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս ամէն բաները ըլլան։ Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։ «Իսկ այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը։ Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք եւ աղօթք ըրէք, վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ Ինչպէս օտար երկիր գացող մարդ մը իր տունը կը թողու ու իր ծառաներուն իշխանութիւն կու տայ եւ ամէն մէկուն իր գործը ու դռնապանին կ’ապսպրէ որ արթուն կենայ։ Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը՝ թէ կէս գիշերին՝ հաւախօսի՞ն՝ թէ առտուն։ Չըլլայ որ յանկարծակի գայ ու ձեզ քունի մէջ գտնէ։ Եւ ինչ որ կ’ըսեմ ձեզի՝ ամենուն կ’ըսեմ. ‘Արթո՛ւն կեցէք’»։ Երկու օր յետոյ զատիկ ու բաղարջակերք էր. եւ քահանայապետներն ու դպիրները կը խորհէին թէ ի՞նչ նենգութեամբ բռնեն զանիկա ու մեռցնեն։ Բայց կ’ըսէին. «Ոչ տօնին ատենը, որպէս զի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չըլլայ»։ Երբ ինք Բեթանիա էր՝ բորոտ Սիմոնին տունը՝ սեղան նստած, կին մը եկաւ, որ շիշ մը պատուական սուղ նարդոսի իւղ ունէր։ Կոտրեց այն շիշը ու իւղը անոր գլխուն վրայ թափեց։ Կային ոմանք, որ կը նեղուէին ու կ’ըսէին. «Ինչո՞ւ համար եղաւ այդ իւղին կորուստը, Քանզի այդ [իւղը] երեք հարիւր դահեկանէն աւելի կրնար ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»։ Եւ սաստիկ կը յանդիմանէին զանիկա։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Թող տուէք ատոր, ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք, ատիկա բարի գործ մը գործեց ինծի։ Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք ու երբ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք ընել, բայց զիս ամէն ատեն չունիք։ Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ։ Առաջուընէ իմ մարմինս օծեց իմ թաղումիս համար։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ բոլոր աշխարհի մէջ, ուր որ այս աւետարանը կը քարոզուի, ատոր ըրածն ալ պիտի յիշուի՝ իրեն յիշատակ ըլլալու համար»։ Յուդա Իսկարիովտացի, տասներկուքէն մէկը, գնաց քահանայապետներուն, որ զանիկա մատնէ անոնց։ Անոնք ալ լսելով ուրախացան ու իրեն ստակ ալ խոստացան։ Ան կը փնտռէր յարմար պատեհութիւն մը, որ մատնէ զանիկա։ Բաղարջակերաց առաջին օրը, երբ զատիկը կը մորթէին, անոր աշակերտները ըսին իրեն. «Ո՞ւր կ’ուզես որ երթանք պատրաստենք՝ որպէս զի զատիկը ուտես»։ Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց ու ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք քաղաքը ու ձեզի մարդ մը պիտի պատահի՝ որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը կը տանի, գացէ՛ք անոր ետեւէն։ Ուր որ մտնէ, տանը տիրոջը ըսէք. ‘Վարդապետը կ’ըսէ, Ո՞ւր է օթեւանը, ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ կարենամ զատիկը ուտել’։ Ան ալ ձեզի յարդարուած ու պատրաստ մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ. հոն պատրաստեցէք մեզի»։ Աշակերտները գացին ու քաղաքը մտան եւ ինչպէս իրենց ըսաւ՝ այնպէս գտան եւ զատիկը պատրաստեցին։ Իրիկունը, տասներկուքին հետ մէկտեղ գնաց հոն։ Երբ սեղան նստան եւ կ’ուտէին, ըսաւ Յիսուս. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը որ հիմա ինծի հետ կ’ուտէ, զիս պիտի մատնէ»։ Անոնք սկսան տրտմիլ ու մէկիկ մէկիկ ըսել անոր. «Միթէ ե՞ս եմ». եւ ուրիշ մը՝ «Միթէ ե՞ս եմ»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Տասներկուքէն ան, որ ինծի հետ իր ձեռքը պնակը խոթեց։ Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ, ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Որդին մարդոյ կը մատնուի։ Աղէկ էր այն մարդուն որ ծնած չըլլար»։ Երբ անոնք կ’ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց ու կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. « Առէ՛ք, ա՛յս է իմ մարմինս»։ Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու տուաւ անոնց։ Ամէնքն ալ խմեցին անկէ։ Ըսաւ անոնց. «Ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ շատերու համար պիտի թափուի։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ասկէ յետոյ որթին բերքէն բնաւ պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ նոր գինին խմեմ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ»։ Օրհնութիւն մը երգելէ յետոյ Ձիթենեաց լեռը ելան։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ամէնքդ ալ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու ոչխարները պիտի ցրուին’։ Բայց յարութիւն առնելէս ետքը ձեզմէ առաջ Գալիլիա պիտի երթամ»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ գայթակղին, բայց ո՛չ ես»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, որ դուն ալ այս գիշեր՝ դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ երեք անգամ զիս պիտի ուրանաս»։ Պետրոս աւելի կը պնդէր ու կ’ըսէր. «Թէեւ քեզի հետ մեռնիլ ալ պէտք ըլլայ ինծի, բնաւ քեզ պիտի չուրանամ». նոյնպէս կ’ըսէին բոլորն ալ։ Եկան այն տեղը որուն անունը Գեթսեմանի էր ու ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հո՛ս նստեցէք, մինչեւ որ ես աղօթք ընեմ»։ Իրեն հետ առնելով Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, սկսաւ խռովիլ եւ վշտանալ։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս մեռնելու չափ տրտում է. հո՛ս կեցէք եւ արթուն մնացէք»։ Քիչ մը առջեւ երթալով՝ իր երեսին վրայ գետինը ինկաւ եւ աղօթք ըրաւ, որ եթէ կարելի է, այն ժամը իրմէ անցնի։ Եւ ըսաւ. «Աբբա՛ Հայր՝ ամէն բան քեզի հնարաւոր է, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ես կ’ուզեմ, հապա ինչպէս դուն կ’ուզես »։ Երբ եկաւ ու զանոնք քնացած գտաւ՝ ըսաւ Պետրոսին. «Սի՛մոն, կը քնանա՞ս, չկրցա՞ր ժամ մը արթուն կենալ։ Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք. հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ Նորէն գնաց աղօթք ըրաւ՝ նոյն խօսքը ըսելով։ Եւ դարձաւ ու զանոնք նորէն քնացած գտաւ, վասն զի աչքերնին ծանրացած էր եւ չէին գիտեր թէ ի՞նչ պատասխան տան անոր։ Երրորդ անգամ ալ եկաւ ու ըսաւ անոնց. «Ասկէ յետոյ քնացէ՛ք ու հանգչեցէ՛ք. բաւական է, ժամը հասաւ, ահա Որդին մարդոյ մեղաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի։ Ելէ՛ք երթանք։ Ահա մօտեցաւ անիկա որ զիս պիտի մատնէ»։ Դեռ անիկա կը խօսէր, երբ Յուդան, տասներկուքէն մէկը, եկաւ եւ իրեն հետ քահանայապետներուն եւ դպիրներուն ու ծերերուն կողմէն շատ բազմութիւն՝ սուրերով ու բիրերով։ Զանիկա մատնողը անոնց նշան մը տուեր էր՝ ըսելով. «Ո՛վ որ ես համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զանիկա եւ զգուշութեամբ տարէք»։ Անիկա գալով մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ. «Ռաբբի՛, Ռաբբի՛», ու համբուրեց զանիկա։ Անոնք ձեռք զարկին անոր ու բռնեցին զանիկա։ Եւ քովը կայնողներէն մէկը սուրը քաշեց ու զարկաւ քահանայապետին ծառային ու անոր ականջը մէկդի հանեց։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իբր աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով զիս բռնելու։ Ամէն օր ձեր քով էի ու տաճարին մէջ կը սորվեցնէի եւ զիս չբռնեցիք, բայց որպէս զի գրքերը կատարուին»։ Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան։ Երիտասարդ մը անոր ետեւէն կ’երթար՝ մերկ մարմինին վրայ կտաւ մը առած ու երիտասարդները զանիկա բռնեցին. Ան ալ կտաւը թողուց ու մերկ փախաւ անոնցմէ։ Տարին Յիսուսը քահանայապետին, անոր քով ժողվուեցան բոլոր քահանայապետները եւ ծերերը ու դպիրները։ Պետրոս հեռուէն անոր ետեւէն գնաց մինչեւ ներսը, քահանայապետին գաւիթը սպասաւորներուն հետ նստաւ ու կրակին քով կը տաքնար։ Քահանայապետներն ու բոլոր ժողովը Յիսուսին դէմ վկայութիւն կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն եւ չէին գտներ. Վասն զի շատեր սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ, բայց վկայութիւնները իրարու համաձայն չէին։ Ոմանք ելան սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ ու կ’ըսէին. «Մենք լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր, ‘Ես այդ ձեռագործ տաճարը պիտի քակեմ եւ երեք օրուան մէջ ուրիշ մը պիտի շինեմ առանց ձեռագործի’»։ Բայց այնպէս ալ իրենց վկայութիւնը համաձայն չէր։ Եւ քահանայապետը մէջտեղը ոտքի ելլելով՝ հարցուց Յիսուսին ու ըսաւ. «Պատասխան մը չե՞ս տար. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»։ Բայց ան լուռ կը կենար եւ պատասխան մը չէր տար։ Քահանայապետը նորէն կը հարցնէր անոր ու կ’ըսէր. «Դո՞ւն ես Քրիստոսը, օրհնեալ Աստուծոյ Որդին»։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ. ու պիտի տեսնէք Որդին մարդոյ Զօրութեան աջ կողմը նստած ու երկնքի ամպերովը եկած»։ Քահանայապետը իր հանդերձները պատռեց ու ըսաւ. «Ալ ի՞նչ պէտք են մեզի վկաներ։ Ատոր հայհոյութիւնը լսեցիք. ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ»։ Ամէնքը դատապարտեցին զանիկա՝ թէ մահապարտ է։ Ոմանք սկսան թքնել ու անոր երեսը ծածկել եւ բռունցքով ծեծել ու ըսել. «Մարգարէացի՛ր»։ Սպասաւորները ապտակ կը զարնէին անոր։ Պետրոս վարը գաւիթն էր։ Քահանայապետին աղախիններէն մէկը եկաւ Ու տեսնելով Պետրոսը որ կը տաքնար՝ նայեցաւ անոր ու ըսաւ. «Դո՛ւն ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էիր»։ Բայց անիկա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չեմ գիտեր եւ չեմ հասկնար թէ դուն ի՞նչ կը խօսիս»։ Երբ դուրս ելաւ գաւիթին դրանը առջեւ, հաւը խօսեցաւ։ Եւ աղախինը նորէն տեսաւ զանիկա ու սկսաւ շուրջը կայնողներուն ըսել. «Ա՛ս ալ անոնցմէ է»։ Եւ անիկա նորէն ուրացաւ։ Ու քիչ մը ետքը՝ նորէն հոն կայնողները ըսին Պետրոսին. «Արդարեւ դուն անոնցմէ ես, վասն զի Գալիլիացի ես եւ քու խօսուածքդ ալ նման է անոնց »։ Բայց անիկա սկսաւ անիծել ու երդում ընել՝ ըսելով. «Ես այն մարդը չեմ ճանչնար, որուն համար դուք կ’ըսէք»։ Իսկոյն երկրորդ անգամ հաւը խօսեցաւ։ Պետրոս միտքը բերաւ այն խօսքը, որ Յիսուս իրեն ըսեր էր. «Դեռ հաւը երկու անգամ չխօսած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Ու սկսաւ լալ։ Առտուն՝ շուտ մը քահանայապետները՝ ծերերուն ու դպիրներուն հետ եւ բոլոր ժողովն ալ խորհուրդ ըրին, Յիսուսը կապեցին ու տարին մատնեցին Պիղատոսին։ Պիղատոս հարցուց անոր ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես Հրէից թագաւորը»։ Անիկա ալ պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Դո՛ւն կ’ըսես»։ Եւ քահանայապետները շատ ամբաստանութիւն կ’ընէին անոր վրայով։ Պիղատոս նորէն հարցուց անոր՝ ըսելով. «Պատասխան մը չե՞ս տար. նայէ ո՞րչափ քեզի դէմ կը վկայեն»։ Յիսուս տակաւին պատասխան մը չտուաւ, այնպէս որ Պիղատոս զարմացաւ։ Տօնին ատենը կապուած մը կ’արձակէր անոնց, ո՛րը որ իրենք ուզէին։ Մէկը կար Բարաբբա անունով՝ իր ընկեր խռովարարներուն հետ կապուած, որոնք խռովութեան ատենը մարդասպանութիւն ըրեր էին։ Ժողովուրդը աղաղակելով՝ սկսաւ խնդրել որ ընէ, ինչպէս միշտ կ’ընէր իրենց։ Եւ Պիղատոս անոնց դարձաւ ու ըսաւ. «Կ’ուզէ՞ք որ Հրէից թագաւորը արձակեմ ձեզի»։ Քանզի գիտէր թէ քահանայապետները նախանձի համար մատներ էին զանիկա։ Քահանայապետները ժողովուրդը գրգռեցին որ խնդրեն Բարաբբան արձակել։ Նորէն Պիղատոս հարցուց ու ըսաւ անոնց. «Հապա Հրէից թագաւորը ի՞նչ կ’ուզէք որ ընեմ»։ Անոնք աղաղակեցին. «Խա՛չը հանէ ատիկա»։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրած է ատիկա»։ Անոնք ա՛լ աւելի կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Խա՛չը հանէ ատիկա»։ Պիղատոս ժողովուրդը գոհացնել ուզելով՝ Բարաբբան արձակեց անոնց ու Յիսուսը ծեծելով՝ անոնց ձեռքը տուաւ որպէս զի խաչուի։ Զինուորները ներս տարին զանիկա գաւիթը, այսինքն պալատը եւ բոլոր գունդը մէկտեղ կանչեցին, Ու հագցուցին անոր ծիրանիներ եւ փշեղէն պսակ հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին։ Ու սկսան բարեւ տալ անոր ու ըսել. «Ողջո՛յն քեզ, Հրէից թագաւոր»։ Անոր գլուխը եղէգով կը ծեծէին ու կը թքնէին անոր վրայ եւ ծունկի վրայ գալով երկրպագութիւն կ’ընէին անոր։ Երբ ծաղր ըրին զանիկա, ծիրանիները վրայէն հանեցին եւ իր հանդերձները հագցուցին անոր ու դուրս հանեցին զանիկա՝ որպէս զի խաչը հանեն։ Եւ Սիմոն Կիւրենացին, Աղեքսանդրոսին եւ Ռուփոսին հայրը, որ ատկէ կ’անցնէր արտէն եկած, ստիպեցին որ անոր խաչը վերցնէ։ Ու տարին զանիկա Գողգոթա ըսուած տեղը, (որ կը թարգմանուի Գանկի տեղ,) Եւ անոր զմուռսով խառնուած գինի տուին որ խմէ, բայց ինք չառաւ։ Ու խաչը հանեցին զանիկա եւ անոր հանդերձները բաժնեցին՝ անոնց վրայ վիճակ ձգելով թէ՝ ո՞վ ի՛նչ պիտի առնէ։ Ժամը երեքն էր ու խաչը հանեցին զանիկա։ Անոր յանցանքի գիրը գրուած էր թէ «Հրէից թագաւորն է»։ Ու անոր հետ երկու աւազակ խաչը հանեցին. մէկը անոր աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը։ Եւ կատարուեցաւ գրուածը որ կ’ըսէ. «Անօրէններու հետ սեպուեցաւ»։ Եւ անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին ու կ’ըսէին. «Աւա՜ղ որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր։ Ինքզինքդ ազատէ՛ ու իջի՛ր խաչէն»։ Նոյնպէս ալ քահանայապետները դպիրներուն հետ իրենց մէջ ծաղր ընելով՝ կ’ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել։ Այդ Քրիստոսը, Իսրայէլի թագաւորը, թող հիմա խաչէն վար իջնէ, որպէս զի տեսնենք ու հաւատանք»։ Եւ իրեն հետ խաչուողները կը նախատէին զանիկա։ Վեցերորդ ժամը հասածին պէս՝ բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ Իններորդ ժամուն՝ Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Էլօի՜, Էլօի՜, լա՞մա սաբաքթանի». որ կը թարգմանուի՝ «Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր»։ Եւ քովը կայնողներէն ոմանք երբ լսեցին՝ ըսին թէ՝ Եղիան կը կանչէ։ Ու մէկը վազեց սպունգ մը քացախով լեցուց ու եղէգի մը անցնելով՝ տուաւ անոր որպէս զի խմէ եւ ըսաւ. «Թող տուր, տեսնենք թէ Եղիան պիտի գա՞յ ատիկա վար իջեցնելու»։ Յիսուս մեծ ձայն մը հանեց ու հոգին տուաւ։ Տաճարին վարագոյրը երկուքի պատռուեցաւ վերէն վար։ Հարիւրապետը, որ անոր դէմ կեցեր էր, տեսնելով որ այսպէս աղաղակելով հոգի տուաւ, ըսաւ. «Արդարեւ Որդի Աստուծոյ էր այս մարդը»։ Կիներ ալ կային, որոնք հեռուէն կը նայէին։ Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ պզտիկ Յակոբոսին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը եւ Սողովմէն, Որոնք երբ Յիսուս Գալիլիա էր, անոր ետեւէն կ’երթային եւ սպասաւորութիւն կ’ընէին։ Ուրիշ շատ կիներ ալ՝ որոնք իրեն հետ Երուսաղէմ ելեր էին։ Երբ իրիկուն եղաւ, այն օրը ուրբաթ էր, այսինքն շաբաթին առջի օրը, Յովսէփ Արիմաթացի, երեւելի խորհրդական մը, որ ինքն ալ Աստուծոյ թագաւորութեանը կը սպասէր, եկաւ ու համարձակելով՝ Պիղատոսին քով մտաւ եւ Յիսուսին մարմինը խնդրեց։ Պիղատոս զարմացաւ որ արդէն մեռած է։ Հարիւրապետը իրեն կանչելով՝ հարցուց անոր. «Շա՞տ ատեն է որ մեռաւ»։ Երբ ան ստոյգը իմացաւ հարիւրապետէն, մարմինը Յովսէփին շնորհեց։ Յովսէփ կտաւ գնեց ու զանիկա վար իջեցնելով՝ կտաւով փաթթեց ու դրաւ գերեզմանի մը մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ քար մը գլորեց գերեզմանին դուռը։ Իսկ Մարիամ Մագդաղենացին ու Յովսէսին մայրը Մարիամը տեսան այն տեղը, ուր դրուեցաւ։ Երբ շաբաթը անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը եւ Սողովմէն խունկեր ծախու առին, որպէս զի երթան օծեն զանիկա։ Մէկշաբթի առտուն շատ կանուխ, երբ արեւը կը ծագէր, գացին գերեզմանը Ու իրարու կ’ըսէին. «Քարը ո՞վ պիտի գլորէ մեզի գերեզմանին դռնէն», (Ու նայեցան տեսան որ քարը գլորուած էր,) վասն զի շատ մեծ էր։ Գերեզմանէն ներս մտնելով՝ երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստեր էր ճերմակ պատմուճան հագած ու զարհուրեցան։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Մի՛ զարհուրիք, Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, որ խաչուեցաւ։ Անիկա յարութիւն առաւ, հոս չէ։ Ահա այն տեղը ուր դրին զանիկա։ Ուրեմն գացէ՛ք, ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն եւ Պետրոսին, թէ ահա ձեզմէ առաջ Գալիլիա կ’երթայ. հոն պիտի տեսնէք զանիկա՝ ինչպէս ձեզի ըսաւ»։ Կիները դողով ու ապշութեամբ բռնուած՝ ելան ու փախան գերեզմանէն եւ մարդու բան չըսին, քանզի կը վախնային։ Յիսուս մէկշաբթի առտուն յարութիւն առած՝ առաջ Մարիամ Մագդաղենացիին երեւցաւ, որմէ եօթը դեւ հաներ էր։ Անիկա գնաց անոնց պատմեց՝ որոնք իր հետն էին, երբ սուգ կ’ընէին ու կու լային։ Իսկ անոնք երբ լսեցին թէ կենդանի է եւ երեւցաւ, չհաւատացին։ Ետքը ուրիշ կերպարանքով երեւցաւ անոնցմէ երկուքին՝ որոնք քալելով արտը կ’երթային։ Անոնք գացին միւսներուն պատմեցին։ Անոնք ալ չհաւատացին։ Վերջը տասնըմէկին երեւցաւ, երբ սեղան նստած էին ու դատապարտեց իրենց անհաւատութիւնը եւ սրտերնուն կարծրութիւնը, վասն զի որոնց՝ որ ինք երեւցաւ մեռելներէն յարութիւն առած՝ իրենք չհաւատացին։ Ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ ու աւետարանը քարոզեցէք բոլոր ստեղծուածներուն։ Ան որ հաւատայ ու մկրտուի՝ պիտի փրկուի եւ ան որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։ Անոնք որ կը հաւատան, այս նշանները անոնց հետ պիտի երթան. Իմ անունովս դեւեր պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին. Ձեռքերնին օձեր պիտի բռնեն եւ եթէ մահառիթ դեղ մը խմեն, իրենց պիտի չվնասէ. հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն ու անոնք պիտի առողջանան»։ Արդ Տէրը անոնց հետ խօսելէն ետքը երկինք համբարձաւ ու Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ։ Անոնք ելան ու ամէն տեղ կը քարոզէին եւ Տէրը անոնց գործակից էր ու խօսքը կը հաստատէր այն նշաններով, որոնք անոնց հետ կ’երթային։ Ամէն։ Որովհետեւ շատերը մեր մէջ հաստատ գիտցուած բաներուն վրայով եղած պատմութիւնը կարգի դնելու ձեռք զարկին, Ինչպէս սկիզբէն աչքով տեսնողները եւ խօսքին սպասաւոր եղողները աւանդեցին մեզի, Ես ալ որ սկիզբէն այն ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկացեր էի, յարմար դատեցի կարգաւ գրել քեզի, ո՛վ պատուական Թէոփիլոս, Որպէս զի սորված բաներուդ ստուգութիւնը իմանաս։ Հրէաստանի Հերովդէս թագաւորին օրերը Աբիայի դասակարգութենէն Զաքարիա անունով քահանայ մը կար, որուն կինը Ահարոնին աղջիկներէն էր եւ անունը՝ Եղիսաբէթ։ Երկուքն ալ Աստուծոյ առջեւ արդար էին եւ Տէրոջը բոլոր պատուիրանքներուն ու իրաւունքներուն մէջ անարատութեամբ կը քալէին։ Զաւակ չունէին, վասն զի Եղիսաբէթ ամուլ էր ու երկուքն ալ օրերնին անցուցած էին։ Երբ Զաքարիա իր դասակարգութեան օրերը հասնելուն քահանայական պաշտօնը կը կատարէր Աստուծոյ առջեւ, Քահանայութեան սովորութեանը պէս իրեն ինկաւ որ Տէրոջը տաճարը մտնէ եւ խնկարկութիւն ընէ։ Ժողովուրդին բոլոր բազմութիւնը դուրսը աղօթքի կայներ էին խունկին ատենը։ Տէրոջը հրեշտակը անոր երեւցաւ ու կայնեցաւ խունկի սեղանին աջ կողմը։ Զաքարիա երբ տեսաւ, շփոթեցաւ ու անոր վրայ վախ մը ինկաւ։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, Զա՛քարիա, վասն զի քու աղօթքդ լսուեցաւ։ Քու կինդ Եղիսաբէթ քեզի որդի մը պիտի ծնանի ու Անոր անունը Յովհաննէս պիտի դնես։ Քեզի ուրախութիւն ու ցնծութիւն պիտի ըլլայ եւ շատեր անոր ծնանելուն համար պիտի ուրախանան։ Վասն զի Տէրոջը առջեւ մեծ պիտի ըլլայ։ Բայց գինի եւ օղի պիտի չխմէ եւ իր մօրը որովայնէն Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի. Իսրայէլի որդիներէն շատերը իրենց Տէր Աստուծոյն պիտի դարձնէ։ Ինք անոր առջեւէն պիտի գայ Եղիային հոգիովը ու զօրութիւնովը, հայրերուն սրտերը որդիներուն վրայ դարձնելու եւ անհնազանդները՝ արդարներուն իմաստութեանը, որպէս զի Տէրոջը բարեկարգ ժողովուրդ մը պատրաստէ»։ Զաքարիա ըսաւ հրեշտակին. «Ինչո՞վ գիտնամ այդ բանը, որովհետեւ ես ծեր եմ ու իմ կինս իր օրերը անցուցած է»։ Հրեշտակը պատասխան տալով ըսաւ անոր. «Ես եմ Գաբրիէլը, որ Աստուծոյ առջեւ կը կայնիմ ու ղրկուեցայ քեզի խօսելու եւ այս բաներուն աւետիսը քեզի տալու։ Ահա համր պիտի ըլլաս դուն ու պիտի չկրնաս խօսիլ մինչեւ այն օրը՝ երբ այս բաները ըլլան, քանզի չհաւատացիր իմ խօսքերուս, որոնք իրենց ատենին պիտի կատարուին»։ Ժողովուրդը Զաքարիային կը սպասէր եւ կը զարմանային անոր տաճարին մէջ ուշանալուն համար։ Երբ դուրս ելաւ, չէր կրնար խօսիլ անոնց հետ. ասով իմացան թէ տաճարին մէջ տեսիլք մը տեսած է։ Ինք նշանով կը խօսէր անոնց հետ եւ համր կը կենար։ Երբ իր պաշտօնին օրերը լմնցան, իր տունը գնաց։ Այն օրերէն ետքը անոր կինը Եղիսաբէթ յղացաւ ու հինգ ամիս ինքզինք կը պահէր եւ կ’ըսէր. «Այսպէս ըրաւ ինծի Տէրը այս օրերուս, իմ վրաս նայեցաւ նախատինքս մարդոց մէջէն վերցնելու համար»։ Վեցերորդ ամսուն մէջ Գաբրիէլ հրեշտակը Աստուծմէ ղրկուեցաւ Գալիլիայի մէկ քաղաքը՝ որուն անունը Նազարէթ էր, Կոյսի մը՝ մարդու մը նշանուած, որուն անունը Յովսէփ էր, Դաւիթին տունէն։ Այն կոյսին անունը Մարիամ էր։ Հրեշտակը անոր երթալով՝ ըսաւ. «Ողջոյն քեզ, ո՛վ շնորհընկալ կոյս, Տէրը քեզի հետ է։ Դուն կիներուն մէջ օրհնեալ ես»։ Մարիամ զանիկա տեսնելով, անոր խօսքին վրայ շփոթեցաւ ու ինքնիրեն կը մտածէր թէ ի՞նչպէս բան պիտի ըլլայ այս ողջոյնը։ Հրեշտակը անոր ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Մա՛րիամ, վասն զի Աստուծմէ շնորհք գտար։ Ահա պիտի յղանաս ու որդի մը պիտի ծնանիս եւ անոր անունը Յիսուս պիտի դնես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը Դաւիթին աթոռը ու Յակոբին տանը վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ Մարիամ ըսաւ հրեշտակին. «Ի՞նչպէս պիտի ըլլայ այդ բանը, որովհետեւ ես այր մարդ չեմ գիտեր»։ Հրեշտակը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Սուրբ Հոգին պիտի գայ քեզի ու Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ. ուստի այն քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ Ահա քու ազգականդ Եղիսաբէթ՝ անիկա ալ իր պառաւութեան ատենը արու զաւակով մը յղի է։ Ասիկա այն ամուլ ըսուածին վեցերորդ ամիսն է, Վասն զի Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ»։ Մարիամ ըսաւ. «Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ, քու ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ Ու հրեշտակը անոր քովէն գնաց։ Այն օրերը ելաւ Մարիամ ու արտորալով լեռնակողմը Յուդայի մէկ քաղաքը գնաց։ Մտաւ Զաքարիային տունը ու Եղիսաբէթին բարեւ տուաւ։ Երբ Եղիսաբէթ Մարիամին բարեւը լսեց, մանուկը անոր որովայնին մէջ խաղաց ու Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ, Եւ բարձր ձայնով մը կանչեց ու ըսաւ. «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ է քու որովայնիդ պտուղը։ Այս ինծի ինչպէ՞ս եղաւ, որ իմ Տէրոջս մայրը ինծի եկաւ։ Վասն զի ահա երբ քու բարեւիդ ձայնը ականջիս հասաւ, մանուկը որովայնիս մէջ խաղաց ուրախութենէն։ Երանի՜ անոր որ հաւատացեր է, քանզի՝ ՝ պիտի կատարուին այն բաները, որոնք Տէրոջմէն ըսուեցան իրեն»։ Մարիամ ըսաւ. «Իմ անձս կը մեծցնէ Տէրը։ Եւ իմ հոգիս ուրախացաւ իմ Փրկիչ Աստուծմովս։ Վասն զի իր աղախինին խոնարհութեանը նայեցաւ. քանզի ահա ասկէ ետք բոլոր ազգերը ինծի երանութիւն պիտի տան։ Վասն զի Հզօրը ինծի մեծամեծ բաներ ըրաւ ու անոր անունը սուրբ է։ Եւ անոր ողորմութիւնը իրմէ վախցողներուն վրայ է ազգէ ազգ։ Իր բազուկովը զօրութիւն ցուցուց, ցիրուցան ըրաւ ամբարտաւանները իրենց սրտին խորհուրդովը։ Զօրաւորները իրենց աթոռներէն իջեցուց ու խոնարհները բարձրացուց։ Անօթիները բարիքներով լեցուց եւ հարուստները պարապ ճամբեց։ Օգնութիւն ըրաւ իր Իսրայէլ ծառային՝ իր ողորմութիւնը միտքը բերելով, Ինչպէս ինք խօսեցաւ մեր հայրերուն, Աբրահամին ու անոր սերունդին յաւիտեան»։ Մարիամ անոր քով երեք ամիսի չափ կեցաւ ու իր տունը դարձաւ։ Ու Եղիսաբէթին ծնանելու ժամանակը լեցուեցաւ ու որդի մը ծնաւ։ Երբ լսեցին անոնք, որ անոր բոլորտիքը կը բնակէին ու անոր ազգականները, որ Տէրը անոր վրայ իր մեծ ողորմութիւնը ցուցուց, անոր հետ ուրախացան։ Ութերորդ օրը տղան թլփատելու գացին եւ զանիկա իր հօրը անունովը Զաքարիա կը կոչէին, Իսկ անոր մայրը պատասխան տալով ըսաւ. «Ո՛չ, հապա Յովհաննէս պիտի կոչուի»։ Անոր ըսին թէ՝ ‘Քու ազգականներուդ մէջ մէկը չկայ, որ այս անունով կոչուի’։ Աչք ըրին անոր հօրը թէ ի՞նչ անունով կ’ուզէ որ անիկա կոչուի։ Ան ալ տախտակ մը ուզեց ու գրեց. «Յովհաննէս է ատոր անունը»։ Ամէնքն ալ զարմացան։ Իսկոյն բացուեցաւ անոր բերանը ու անոր լեզուն եւ խօսեցաւ ու օրհնեց Աստուած։ Վախ մը ինկաւ այն ամենուն վրայ՝ որոնք անոնց բոլորտիքը կը բնակէին։ Այս բաները Հրէաստանի բոլոր լեռնակողմը կը պատմուէր։ Բոլոր լսողները իրենց սրտերնուն մէջ կը խորհէին ու կ’ըսէին. «Արդեօք այս տղան ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Տէրոջը ձեռքը անոր հետ էր։ Անոր հայրը Զաքարիա՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ մարգարէացաւ ու ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որ այցելութեան ելաւ եւ իր ժողովուրդին փրկութիւն ըրաւ։ Մեզի փրկութեան եղջիւր մը հանեց իր Դաւիթ ծառային տունէն. (Ինչպէս խօսեցաւ սուրբերուն բերնովը, որոնք աշխարհի սկիզբէն ի վեր անոր մարգարէներն էին.) Փրկութիւն մեր թշնամիներէն եւ բոլոր մեզ ատողներուն ձեռքէն, Ողորմութիւն ընելու մեր հայրերուն եւ իր սուրբ ուխտը միտք բերելու (Այն երդումը որ մեր հօրը Աբրահամին ըրաւ), մեզի տալու, Որպէս զի մեր թշնամիներուն ձեռքէն ազատուելով՝ առանց վախի զանիկա պաշտենք Սրբութիւնով ու արդարութիւնով անոր առջեւ մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ։ Եւ ‘Դո՛ւն, ո՛վ մանուկ, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս, վասն զի Տէրոջը երեսին առջեւէն պիտի երթաս՝ անոր ճամբաները պատրաստելու, Անոր ժողովուրդին գիտցնելու իրենց փրկութիւնը իրենց մեղքերուն թողութիւնովը’, Մեր Աստուծոյն գթած ողորմութեանը համար, որով Ծագող արեգակը վերէն մեզի այցելութեան եկաւ՝ ‘Խաւարի եւ մահուան ստուերի մէջ նստողներուն լոյս տալու’ ու մեր ոտքերը խաղաղութեան ճամբուն մէջ շտկելու»։ Տղան կը մեծնար ու կը զօրանար հոգիով եւ անապատներուն մէջ էր մինչեւ այն օրը, երբ ինք Իսրայէլին երեւցաւ։ Այն օրերը Օգոստոս կայսրէն հրաման ելաւ որ բոլոր աշխարհ գրուի։ (Այս առաջին աշխարհագիրը եղաւ Կիւրենոսի Սիւրիոյ վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը)։ Ամէնքը կ’երթային աշխարհագիրը մտնելու՝ ամէն մէկը իր քաղաքին մէջ։ Յովսէփ ալ Գալիլիայէն, Նազարէթ քաղաքէն, ելաւ դէպի Հրէաստան, Դաւիթին քաղաքը, որ Բեթլեհէմ կը կոչուի, (ինք Դաւիթին տունէն ու ազգատոհմէն ըլլալուն համար), Աշխարհագիրը մտնելու Մարիամին հետ մէկտեղ, որ իր նշանածն էր եւ յղի էր։ Երբ անոնք հոն էին, անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան, Իր անդրանիկ որդին ծնաւ ու խանձարուրով փաթթեց եւ զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց, վասն զի իջեւանին մէջ իրենց տեղ չկար։ Այն տեղը հովիւներ կային դաշտին մէջ կեցած, որոնք իրենց հօտերուն գիշերուան պահպանութիւնը կ’ընէին։ Ահա Տէրոջը հրեշտակը անոնց վրայ իջաւ ու Տէրոջը փառքը անոնց բոլորտիքը ծագեցաւ ու խիստ շատ վախցան։ Բայց հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ։ Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է։ Եւ այս ձեզի նշան մը ըլլայ՝ մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած»։ Իսկոյն այն հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւն մը եղաւ, որոնք Աստուած կ’օրհնէին ու կ’ըսէին. « Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։ Երբ հրեշտակները անոնցմէ երկինք վերցուեցան, հովիւները իրարու ըսին. «Եկէք մինչեւ Բեթլեհէմ երթանք ու տեսնենք թէ ի՞նչ է այս եղած բանը, որ Տէրը մեզի ցուցուց»։ Գացին արտորալով եւ գտան Մարիամը ու Յովսէփը եւ մսուրին մէջ պառկած մանուկը։ Երբ տեսան, իմացուցին այն խօսքերը որ այս մանուկին համար իրենց ըսուեցաւ։ Ամէնքը որ կը լսէին, կը զարմանային այն բաներուն վրայ, որոնք հովիւները իրենց կ’ըսէին։ Բայց Մարիամ այս ամէն բաները կը պահէր ու իր սրտին մէջ կը մտածէր։ Հովիւները դարձան, փառաւորեցին ու օրհնեցին Աստուած այն ամէն բաներուն համար, որոնք լսեցին ու տեսան, ինչպէս իրենց ըսուած էր։ Երբ ութ օրերը լման եղան մանուկը տարին թլփատելու։ Անոր անունը Յիսուս դրուեցաւ, որ հրեշտակէն կոչուած էր՝ դեռ ինք մօրը որովայնին մէջ չյղացած։ Մովսէսին օրէնքին համեմատ երբ անոնց մաքրութեան օրերը լմնցան, Երուսաղէմ տարին զանիկա Տէրոջը առջեւ հանելու, (Ինչպէս գրուած է Տէրոջը օրէնքին մէջ, թէ՝ ‘Ամէն արու որ արգանդ կը բանայ՝ Տէրոջը սուրբ ըսուի’), Տէրոջը օրէնքին մէջ ըսուածին պէս ընծայ տալու՝ զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ։ Այն ատեն Երուսաղէմի մէջ մարդ մը կար, որուն անունը Սիմէոն էր. անիկա արդար ու աստուածավախ էր։ Իսրայէլի մխիթարութեանը կը սպասէր ու Սուրբ Հոգին անոր վրայ էր։ Անոր յայտնուած էր Սուրբ Հոգիէն թէ մահ պիտի չտեսնէ, մինչեւ Տէրոջը Օծեալը տեսնէ։ Ան ալ Հոգիով տաճարը եկաւ։ Ու երբ ծնողքը բերին Յիսուս մանուկը, որպէս զի օրէնքին սովորութեանը պէս անոր համար ընեն, Ինքն ալ զանիկա իր գիրկն առաւ եւ օրհնեց Աստուած ու ըսաւ. «Ալ հիմա, ո՛վ Տէր, արձակէ քու ծառադ խաղաղութիւնով քու խօսքիդ համեմատ. Վասն զի իմ աչքերս տեսան քու փրկութիւնդ Որ բոլոր ժողովուրդներուն առջեւ պատրաստեցիր, Լոյս մը հեթանոսները լուսաւորելու եւ փառք քու Իսրայէլ ժողովուրդիդ»։ Յովսէփ ու անոր մայրը զարմացած էին այն բաներուն վրայ՝ որոնք անոր համար կը խօսուէին։ Սիմէոն օրհնեց զանոնք եւ անոր մօրը Մարիամին ըսաւ. «Ահա այս մանուկը Իսրալէլի մէջ շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար ու հակառակութեան նշան մը ըլլալու համար կեցած է. (Եւ քու սրտէդ ալ թուր մը պիտի անցնի.) որպէս զի այսպէս շատ սրտերէ խորհուրդներ յայտնուին»։ Հոն էր Աննա մարգարէն, Փանուէլին աղջիկը, Ասերի ցեղէն. ասիկա իր օրերը անցուցած էր, էրկանը հետ եօթը տարի կենալով իր կուսութեան ժամանակէն Եւ որբեւարի էր գրեթէ ութսունըչորս տարեկան ու տաճարէն չէր զատուեր, հապա ծոմով եւ աղօթքով Աստուծոյ ծառայութիւն կ’ընէր գիշեր ու ցորեկ։ Ասիկա նոյն ժամուն եկաւ ու Տէրոջը գոհութիւն տուաւ ու անոր վրայով խօսեցաւ այն ամենուն՝ որոնք Երուսաղէմի մէջ փրկութեան կը սպասէին։ Երբ ամէն բան կատարեցին Տէրոջը օրէնքին համեմատ, նորէն Գալիլիա դարձան, իրենց Նազարէթ քաղաքը։ Մանուկը կը մեծնար ու հոգիով կը զօրանար իմաստութիւնով լեցուած ու Աստուծոյ շնորհքը անոր վրայ էր։ Անոր ծնողքը ամէն տարի զատկի տօնին Երուսաղէմ կ’երթային։ Ու երբ անիկա տասներկու տարեկան եղաւ, տօնին սովորութեանը պէս անոնք Երուսաղէմ գացին։ Երբ օրերը լմնցուցին ու նորէն ետ դարձան, Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց։ Բայց Յովսէփ ու անոր մայրը չէին գիտեր, Հապա կարծելով թէ անիկա ճամբորդներուն հետ է, մէկ օրուան ճամբայ գացին, յետոյ սկսան փնտռել զանիկա իրենց ազգականներուն եւ ճանչուորներուն մէջ։ Երբ չգտան, նորէն Երուսաղէմ դարձան զանիկա փնտռելու։ Երեք օրէն ետքը տաճարին մէջ գտան զանիկա, որ վարդապետներուն հետ նստեր էր, անոնց մտիկ կ’ընէր ու անոնց բան կը հարցնէր։ Անոր ականջ դնողները կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ։ Երբ տեսան զանիկա, ապշած մնացին։ Մայրը ըսաւ անոր. «Ո՛րդեակ, ինչո՞ւ համար մեզի այդպէս ըրիր. ահա քու հայրդ ու ես խիստ վշտացած քեզ կը փնտռէինք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Զիս ինչո՞ւ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ ինծի պէտք է որ իմ Հօրս տունը ըլլամ»։ Անոնք չհասկցան այն խօսքը որ իրենց ըսուեցաւ։ Եւ իջաւ անոնց հետ ու գնաց Նազարէթ եւ անոնց հնազանդ էր. բայց անոր մայրը այս բոլոր խօսքերը իր սրտին մէջ կը պահէր։ Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով ։ Տիբերիոս կայսրին թագաւորութեան տասնըհինգերորդ տարին, Պոնտացի Պիղատոսին Հրէաստանի վրայ կուսակալութիւն ըրած ատենը ու Հերովդէսին Գալիլիացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ անոր եղբօրը Փիլիպպոսին Իտուրացիներուն եւ Տրաքոնացիներուն երկրին վրայ չորրորդապետութեան ատենը եւ Լիւսանիային Աբիլինացիներուն վրայ չորրորդապետութեան ատենը Եւ Աննային ու Կայիափային քահանայապետութեան ատենը Աստուծոյ խօսքը եղաւ Զաքարիային որդիին Յովհաննէսին անապատին մէջ։ Անիկա եկաւ Յորդանանի բոլոր կողմերը եւ ապաշխարութեան մկրտութիւն կը քարոզէր մեղքերու թողութեան համար. Ինչպէս Եսայի մարգարէին գրքին մէջ գրուած է՝ ըսելով. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը, Տէրոջը ճամբան պատրաստեցէք, անոր շաւիղները շտկեցէք։ Ամէն ձոր պիտի լեցուի եւ ամէն լեռ ու բլուր պիտի ցածնայ եւ ծուռը պիտի շտկուի ու խորտուբորտ տեղերը հարթ ճամբաներ պիտի ըլլան։ Եւ ամէն մարմին Աստուծոյ փրկութիւնը պիտի տեսնէ»։ Իրմէն մկրտուելու ելլող ժողովուրդին ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի գալու բարկութենէն փախչիլ։ Ուրեմն ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէք եւ մի՛ սկսիք ձեր ներսիդին ըսել թէ՝ ‘Մենք մեզի հայր Աբրահամը ունինք’, քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէն Աբրահամի որդիներ հանել։ Ալ հիմա կացինը ծառերուն արմատին քով կը դրուի. ուստի ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի բերեր, պիտի կտրուի ու կրակը պիտի ձգուի»։ Եւ ժողովուրդները կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Ուրեմն ի՞նչ ընենք»։ Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ով որ երկու հանդերձ ունի, թող մէկը չունեցողին տայ եւ ով որ կերակուր ունի, նոյնպէս ընէ»։ Մաքսաւորներ ալ եկան մկրտուելու ու ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, մե՞նք ինչ ընենք»։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ձեզի հրամայուածէն աւելի բան մի պահանջէք»։ Զինուորներն ալ կը հարցնէին անոր ու կ’ըսէին. «Մե՞նք ինչ ընենք»։ Ըսաւ անոնց. «Մէկը մի՛ հարստահարէք. եւ մարդու վրայ զրպարտութիւն մի՛ ընէք ու ձեր թոշակով բաւականացէք»։ Երբ ժողովուրդը կը սպասէր եւ ամէնքը իր սրտերնուն մէջ կը մտածէին Յովհաննէսին համար՝ թէ ‘Ա՞ս է արդեօք Քրիստոսը’, Յովհաննէս պատասխան տուաւ ամենուն ու ըսաւ. «Ես ձեզ ջրով կը մկրտեմ, բայց ինծմէ աւելի զօրաւորը պիտի գայ, որուն կօշիկներուն կապերը քակելու արժանի չեմ, անիկա ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով. Որուն հեծանոցը իր ձեռքն է եւ իր կալը պիտի մաքրէ ու ցորենը իր ամբարը պիտի ժողվէ եւ յարդը չմարող կրակով պիտի այրէ»։ Ուրիշ շատ բաներ ալ կը քարոզէր՝ ժողովուրդը յորդորելով։ Հերովդէս չորրորդապետը անկէ յանդիմանուելով իր եղբօր կնոջ, Հերովդիային եւ բոլոր չարութիւններուն համար, որոնք Հերովդէս գործեց, Այն ամենուն վրայ այս ալ աւելցուց, որ Յովհաննէսը բանտարկեց։ Բոլոր ժողովուրդը մկրտուեցաւ։ Երբ Յիսուս ալ մկրտուելով աղօթք կ’ընէր, երկինքը բացուեցաւ Եւ Սուրբ Հոգին մարմնաւոր երեւոյթով աղաւնիի պէս անոր վրայ իջաւ ու երկնքէն ձայն մը եկաւ, որ կ’ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի Որդիս, քեզի հաւնեցայ»։ Երբ Յիսուս իր գործը սկսաւ գրեթէ երեսուն տարեկան էր։ (Ինչպէս կը կարծուէր) Ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, որ Մատաթի, Որ Ղեւիի, որ Մեղքիի, որ Յաննէի, որ Յովսէփի, Որ Մատաթիայի, որ Ամովսի, որ Նաւումի, որ Եսղիի, որ Նանգէի, Որ Մաաթի, որ Մատաթիայի, որ Սէմէիի, որ Յովսէփի, որ Յուդայի, Որ Յովհաննայի, որ Րեսայի, որ Զօրաբաբէլի, որ Սաղաթիէլի, որ Ներիի, Որ Մեղքիի, որ Ադդիի, որ Կովսամի, որ Եղմովդադի, որ Էրի, Որ Յովսէսի, որ Եղիազարի, որ Յովրիմի, որ Մատաթի, որ Ղեւիի, Որ Սիմէոնի, որ Յուդայի, որ Յովսէփի, որ Յովնանի, որ Եղիակիմի, Որ Մելիայի, որ Մայնանի, որ Մատաթայի, որ Նաթանի, որ Դաւիթի, Որ Յեսսէի, որ Ովբէթի, որ Բոոսի, որ Սաղմոնի, որ Նաասոնի, Որ Ամինադաբի, որ Արամի, որ Եսրոնի, որ Փարէսի, որ Յուդայի, Որ Յակոբի, որ Իսահակի, որ Աբրահամի, որ Թարայի, որ Նաքովրի, Որ Սերուգի, որ Ռագաւի, որ Փաղէկի, որ Եբերի, որ Սաղայի, Որ Կայնանի, որ Արփաքսադի, որ Սէմի, որ Նոյի, որ Ղամէքի, Որ Մաթուսաղայի, որ Ենովսի, որ Յարեդի, որ Մաղաղիէլի, որ Կայնանի, Որ Ենովսի, որ Սէթի, որ Ադամի, որ Աստուծոյ։ Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ Յորդանանէն դարձաւ ու Հոգիէն անապատը տարուեցաւ, Ուր քառասուն օր Սատանայէն փորձուեցաւ։ Այն օրերը բան մը չկերաւ։ Այն օրերը լմննալէն յետոյ անօթեցաւ։ Սատանան ըսաւ անոր. «Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ այդ քարին, որ հաց ըլլայ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. «Գրուած է թէ՝ ‘Ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքովը’»։ Սատանան բարձր լեռ մը հանելով զանիկա, աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ցուցուց անոր վայրկեանի մը մէջ Եւ ըսաւ անոր. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա, Ուստի եթէ դուն իմ առջեւս իյնաս երկրպագութիւն ընես, ամէնքը քուկդ պիտի ըլլան»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’»։ Սատանան Յիսուսը տարաւ Երուսաղէմ ու տաճարին աշտարակին վրայ կայնեցուց ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քեզ ասկէ վար ձգէ. Վասն զի գրուած է թէ՝ ‘Իր հրեշտակներուն պիտի ապսպրէ քեզի համար, որ քեզ պահեն. Ու ձեռքերնուն վրայ պիտի վերցնեն քեզ, որ չըլլայ թէ ոտքդ քարի զարնես’»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ըսուած է թէ Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։ Ու երբ Սատանան ամէն փորձութիւնը կատարեց՝ ատեն մը ետ կեցաւ անկէ։ Յիսուս Հոգիին զօրութիւնովը Գալիլիա դարձաւ ու անոր համբաւը այն գաւառին բոլոր կողմերը տարածուեցաւ։ Ինք անոնց ժողովարաններուն մէջ կը սորվեցնէր ու ամենէն կը փառաւորուէր։ Երբ եկաւ Նազարէթ, ուր ինք մեծցած էր, իր սովորութեանը պէս շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը ու ելաւ որ կարդայ։ Տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը։ Երբ գիրքը բացաւ, գտաւ այն տեղը՝ ուր գրուած էր. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, Գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու»։ Եւ գիրքը գոցելով՝ տուաւ սպասաւորին ու նստաւ։ Ժողովարանը եղողներուն ամէնքը աչքերնին տնկած անոր կը նայէին։ Սկսաւ անոնց ըսել. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ ու ձեր ականջները լսեցին»։ Ամէնքը անոր համար կը վկայէին ու կը զարմանային անոր բերնէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ ու կ’ըսէին. «Ասիկա Յովսէփին որդին չէ՞»։ Ըսաւ անոնց. «Իրաւ դուք ինծի պիտի ըսէք այս առակը. ‘Բժիշկ, քու անձդ բժշկէ։ Որչափ բաներ լսեցինք որ Կափառնայումի մէջ եղան, հոս ալ ըրէ քու քաղաքիդ մէջ’»։ Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ Մարգարէ մը իր քաղաքին մէջ ընդունելի չէ։ Արդարեւ կ’ըսեմ ձեզի, թէ՝ շատ որբեւարիներ կային Եղիային օրերը Իսրայէլի մէջ, երբ երեք տարի ու վեց ամիս երկինք գոցուեցաւ, այնպէս որ մեծ սով եղաւ բոլոր երկրին մէջ. Բայց Եղիա անոնցմէ մէկո՛ւն չղրկուեցաւ, հապա միայն Սիդոնացիներու Սարեփթա քաղաքին մէջ որբեւարի կնոջ մը։ Շատ բորոտներ կային Իսրայէլի մէջ Եղիսէ մարգարէին ատենը ու անոնցմէ մէ՛կը չմաքրուեցաւ, հապա միայն Նէեման Ասորին»։ Ժողովարանին մէջ ամէնքն ալ բարկութիւնով լեցուեցան՝ երբ այս խօսքերը լսեցին Ու ելան զանիկա քաղաքէն դուրս հանեցին ու տարին զանիկա մինչեւ այն լերան ցցուած ծայրը, որուն վրայ իրենց քաղաքը շինուած էր, որպէս զի զանիկա բարձր տեղէն վար ձգեն։ Բայց ինք անոնց մէջէն անցաւ գնաց։ Իջաւ Գալիլիայի Կափառնայում քաղաքը ու շաբաթ օրերը կը սորվեցնէր անոնց։ Բոլորը կը զարմանային անոր վարդապետութեանը վրայ, վասն զի իշխանութիւնով էր անոր խօսքը։ Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որ պիղծ դեւի ոգի ունէր, որը մեծ ձայնով մը աղաղակեց, ըսելով. «Թո՛ղ տուր, դուն մեզի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսուս Նազովրեցի. միթէ մեզ կորսնցնելո՞ւ եկար. գիտեմ ո՛վ ես, Աստուծոյ Սուրբը»։ Յիսուս սաստեց զայն՝ ըսելով. «Պապանձէ ու ե՛լ ատկէ»։ Ու դեւը զանիկա ներկայ գտնուողներուն մէջտեղը գետինը զարկաւ եւ ելաւ անկէ ու վնաս մը չտուաւ անոր։ Ամէնքը զարմացած իրարու հետ կը խօսէին ու կ’ըսէին. «Այս ի՞նչ խօսք է, որ իշխանութիւնով ու զօրութիւնով կը հրամայէ պիղծ ոգիներուն ու կ’ելլեն»։ Եւ անոր համբաւը տարածուեցաւ շրջակայ գաւառին բոլոր կողմերը։ Ժողովարանէն ելլելով՝ Սիմոնին տունը մտաւ։ Սիմոնին զոքանչը սաստիկ ջերմով կը տանջուէր։ Անոր համար աղաչեցին իրեն։ Եւ Յիսուս անոր քով կայնելով՝ սաստեց ջերմը, որը թողուց զանիկա։ Կինը շուտ մը ելաւ ու անոնց սպասաւորութիւն կ’ընէր։ Արեւին մարը մտած ատենը՝ ամէն անոնք որ տեսակ տեսակ ցաւերով հիւանդներ ունէին, իրեն բերին զանոնք։ Ինք ալ ամէն մէկուն վրայ ձեռք դնելով՝ բժշկեց զանոնք։ Դեւեր ալ կ’ելլէին շատերէն, կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին»։ Բայց ինք կը սաստէր ու թող չէր տար անոնց որ խօսին, վասն զի գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։ Երբ ցորեկ եղաւ, ելաւ ու գնաց անապատ տեղ մը եւ ժողովուրդները կը փնտռէին զանիկա։ Եկան անոր քով ու կը ստիպէին որ ան իրենցմէ չերթայ. Բայց անիկա ըսաւ անոնց. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ»։ Ու Գալիլիայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր։ Օր մը, երբ ժողովուրդը անոր բոլորտիքը դիզուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու համար, ինք Գեննեսարէթի ծովակին քով կեցեր էր, Տեսաւ երկու նաւեր, որոնք ծովակին քով կեցեր էին եւ ձկնորսները անոնց մէջէն ելած՝ ուռկանները կը լուային։ Ինք այն նաւերէն մէկուն մէջ մտաւ, որ Սիմոնինն էր եւ աղաչեց անոր որ քիչ մը ցամաքէն ծովուն մէջ տանի եւ նստելով՝ նաւուն մէջէն ժողովուրդին կը սորվեցնէր։ Երբ խօսելէն դադրեցաւ, ըսաւ Սիմոնին. «Յառաջ տար նաւը ՝ դէպի խորունկը եւ ուռկաննիդ ձգեցէք ձուկ որսալու»։ Սիմոն պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, բոլոր գիշերը աշխատեցանք ու բան մը չբռնեցինք. բայց քու խօսքիդ համար ուռկանը կը ձգեմ»։ Երբ ըսուածը ըրին, խիստ շատ ձուկեր ժողվեցին, անանկ որ իրենց ուռկանը կը պատռտէր։ Աչք կ’ընէին միւս նաւուն մէջ եղող իրենց ընկերներուն՝ որ գան օգնեն իրենց։ Եկան ու երկու նաւերն ալ լեցուցին, գրեթէ ընկղմելու մօտ էին։ Սիմոն Պետրոս երբ տեսաւ, Յիսուսին ծունկերուն ինկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, իմ քովէս մէկդի գնա, քանզի ես մեղաւոր մարդ մըն եմ»։ Վասն զի ապշութիւնը պատեց զանիկա եւ անոր հետ եղող ամէնքը՝ իրենց բռնած ձուկերուն շատութեան համար։ Նոյնպէս ալ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոս եւ Յովհաննէս՝ որոնք Սիմոնին ընկերներն էին։ Յիսուս ըսաւ Սիմոնին. «Մի՛ վախնար, ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս»։ Նաւերը ցամաք հանելով՝ ամէն բան թողուցին ու անոր ետեւէն գացին։ Օր մը, ինք քաղաքի մը մէջ էր, ահա մարդ մը բորոտութիւնով լեցուն՝ երբ Յիսուսը տեսաւ, երեսի վրայ իյնալով աղաչեց անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս իր ձեռքը երկնցնելով դպաւ անոր ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ՛» եւ շուտ մը բորոտութիւնը անկէ գնաց։ Ու ինք պատուիրեց անոր, որ մարդու չըսէ, հապա, ըսաւ. «Գնա քեզ քահանային ցուցուր եւ Մովսէսին պատուիրածին պէս քու մաքրուելուդ ընծան տուր, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»։ Անոր լուրը աւելի կը տարածուէր ու շատ ժողովուրդ կը ժողվուէին մտիկ ընելու եւ իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու։ Բայց ինք անապատ տեղեր կը քաշուէր եւ աղօթք կ’ընէր։ Օր մը երբ ինք կը սորվեցնէր, փարիսեցիներ եւ օրինաց վարդապետներ նստած էին, որոնք Գալիլիայի ու Հրէաստանի ու Երուսաղէմի բոլոր գիւղաքաղաքներէն ժողվուած էին ու Տէրոջը զօրութիւնը ներկայ էր զանոնք բժշկելու։ Ահա քանի մը մարդիկ անդամալոյծ մարդ մը մահիճովը բերին եւ հնարը կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս զանիկա ներս մտցնեն ու դնեն անոր առջեւ։ Ու երբ բազմութենէն ճամբայ չկրցան գտնել, որ անկէ ներս խոթեն զանիկա, տանիքին վրայ ելան եւ զանիկա կղմինտրներուն մէջէն մահիճովը՝ մէջտեղը Յիսուսին առջեւ իջեցուցին։ Յիսուս տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ մարդ, քու մեղքերդ քեզի ներուած են»։ Դպիրներն ու փարիսեցիները սկսան խորհիլ ու ըսել. «Ո՞վ է ասիկա, որ հայհոյութիւններ կ’ընէ։ Ո՞վ կրնայ մեղքերու թողութիւն տալ, բայց միայն Աստուած»։ Յիսուս իմանալով անոնց խորհուրդները՝ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Սրտերնուդ մէջ ի՞նչ կը խորհիք։ Ո՞րը աւելի դիւրին է, ‘Քու մեղքերդ քեզի ներուած են՝ ըսե՞լը, թէ Ելի՛ր ու քալէ՛՝ ըսելը’։ Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու, (ըսաւ անդամալոյծին,) «Քեզի կ’ըսեմ, Ելի՛ր մահիճդ ա՛ռ ու տունդ գնա»։ Ան ալ իսկոյն անոնց առջեւ ելաւ ու վրան առաւ ինչ բանի վրայ որ պառկած էր եւ գնաց իր տունը ու Աստուծոյ փառք կու տար։ Ամէնքը ապշած մնացին ու Աստուծոյ փառք կու տային եւ վախով լեցուած՝ կ’ըսէին. «Այսօր նորանշան բաներ տեսանք»։ Այս բաներէն յետոյ ելաւ անկէ ու տեսաւ մաքսաւոր մը, որուն անունը Ղեւի էր, որ մաքս ընդունելու տեղը նստեր էր ու ըսաւ անոր. «Ետեւէս եկուր»։ Ան ալ թողուց ամէնքը եւ ելաւ գնաց անոր ետեւէն։ Ու Ղեւի մեծ կոչունք մը տուաւ իր տանը մէջ։ Շատ բազմութիւն կար մաքսաւորներու եւ ուրիշներու, որ անոնց հետ սեղան նստեր էին։ Դպիրներն ու փարիսեցիները տրտունջ կ’ընէին ու անոր աշակերտներուն կ’ըսէին. «Ինչո՞ւ համար մաքսաւորներուն հետ կ’ուտէք ու կը խմէք»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն. Ես արդարները կանչելու չեկայ, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան»։ Անոնք ալ ըսին. «Ինչո՞ւ Յովհաննէսին աշակերտները շատ անգամ ծոմ կը պահեն եւ աղօթքներ կ’ընեն, նոյնպէս ալ փարիսեցիներուն աշակերտները. բայց քուկիններդ կ’ուտեն ու կը խմեն»։ Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Կրնա՞ք հարսանիքին տղոցը ծոմ պահել տալ՝ որքան ատեն որ փեսան իրենց հետ է։ Բայց օրեր պիտի գան՝ երբ փեսան իրենցմէ պիտի վերցուի, այն օրերուն ծոմ պիտի պահեն»։ Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Մէկը նոր լաթի կտոր մը չի ձգեր հին հանդերձի վրայ. եթէ ոչ՝ այն նորը պատռուածք ալ կ’ընէ ու հինցածին հետ չի յարմարիր այն նոր լաթէն եղած կտորը։ Եւ մէկը նոր գինին հին տիկերու մէջ չի դներ. եթէ ոչ՝ նոր գինին տիկերը կը պատռէ, ինք կը թափի ու տիկերը կը կորսուին. Հապա նոր գինին նոր տիկերու մէջ դնելու է, որպէս զի երկուքն ալ պահուին։ Եւ մէկը հին գինին խմելէն յետոյ անմիջապէս նորը չ’ուզեր, քանզի կ’ըսէ թէ՝ Հինը աւելի ախորժելի է»։ Տէր Յիսուս շաբաթ օր մը արտերուն մէջէն կ’անցնէր։ Իր աշակերտները ցորենի հասկեր փրցնելով՝ ձեռքերնուն մէջ կը շփէին ու կ’ուտէին։ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին անոնց. «Ի՞նչ կ’ընէք, չէ՞ որ արգիլուած է գործել շաբաթ օրը»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Չէ՞ք կարդացեր դուք Դաւիթին ըրածը, երբ անօթեցան ինք եւ անոնք որ իրեն հետ էին։ Ի՛նչպէս անիկա Աստուծոյ տունը մտաւ եւ առաջաւորութեան հացերը առաւ ու կերաւ եւ տուաւ անոնց ալ որ իրեն հետ էին. որոնք ուրիշ մարդո՛ւ օրինաւոր չէր ուտել, բայց միայն քահանաներուն»։ Եւ ըսաւ անոնց. «Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է»։ Ուրիշ շաբաթ օր մըն ալ ինք ժողովարանը մտաւ ու կը սորվեցնէր։ Հոն մարդ մը կար, որուն աջ ձեռքը չորցած էր։ Դպիրներն ու փարիսեցիները անոր կը սպասէին՝ տեսնելու թէ շաբաթ օրը զանիկա պիտի բժշկէ՞, որպէս զի ամբաստանութեան առիթ մը գտնեն անոր դէմ։ Իսկ ինք գիտնալով անոնց խորհուրդները, ըսաւ այն մարդուն, որուն ձեռքը չորցած էր. «Ելի՛ր, մէջտեղը կայնէ»։ Ան ալ ելաւ կայնեցաւ։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի բան մը հարցնեմ. ‘Շաբաթ օրը ո՞րը յարմար է. բարի՞ք թէ չարիք ընելը, հոգի մը ապրեցնե՞լը թէ մեռցնելը’»։ Եւ շուրջանակի ամենուն վրայ նայելով՝ ըսաւ անոր. «Ձեռքդ երկնցուր»։ Ան ալ այնպէս ըրաւ ու անոր ձեռքը ողջնցաւ միւսին պէս։ Անոնք կատաղութեամբ լեցուեցան ու իրարու հետ կը խօսէին թէ՝ ի՞նչ ընեն Յիսուսին։ Յիսուս լեռը ելաւ աղօթք ընելու ու բոլոր գիշերը Աստուծոյ աղօթք ընելով անցուց։ Առտուն կանչեց իր աշակերտները ու անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց ու զանոնք առաքեալ անուանեց. Սիմոնը՝ որ Պետրոս ալ անուանեց եւ անոր եղբայրը Անդրէասը, Յակոբոսը ու Յովհաննէսը, Փիլիպպոսը, Բարթողիմէոսը, Մատթէոսը եւ Թովմասը, Ալփէոսեան Յակոբոսը եւ Նախանձայոյզ ըսուած Սիմոնը, Յակոբոսին եղբայրը Յուդան եւ Իսկարիովտացի Յուդան, որը մատնիչ եղաւ։ Անոնց հետ իջնելով՝ տափարակ տեղ մը կայնեցաւ, նաեւ իր աշակերտներուն ժողովը՝ ու մեծ բազմութիւն մը ժողովուրդներու՝ բոլոր Հրէաստանէն ու Երուսաղէմէն եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի ծովեզերքէն. Որոնք եկան անոր խօսքերը մտիկ ընելու ու իրենց հիւանդութիւններէն բժշկուելու եւ պիղծ ոգիներէն նեղութիւն կրողներն ալ եկան ու բժշկուեցան։ Եւ բոլոր ժողովուրդը կ’ուզէր իրեն դպչիլ, վասն զի զօրութիւն կ’ելլէր իրմէ ու ամէնքը կը բժշկէր։ Ինք իր աչքերը դէպի իր աշակերտները վերցուց ու ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի աղքատներուդ, վասն զի ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Երանի՜ ձեզի որ հիմա անօթի էք, վասն զի պիտի կշտանաք։ Երանի՜ ձեզի որ հիմա կու լաք, վասն զի պիտի խնդաք։ Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն ու երբ ձեզ իրենց ընկերութենէն մերժեն ու նախատեն եւ ձեր վրայով գէշ անուն հանեն Որդի մարդոյ պատճառով»։ «Ուրախ եղէք դուք այն օրը ու ցնծացէք, քանզի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին մարգարէներուն։ Բայց վա՜յ ձեզի հարուստներուդ, վասն զի ձեր մխիթարութիւնը առած էք։ Վա՜յ ձեզի որ կուշտ էք, վասն զի պիտի անօթենաք. վա՜յ ձեզի որ հիմա կը ծիծաղիք, վասն զի սուգ պիտի ընէք ու լաք։ Վա՜յ ձեզի երբ մարդիկ ձեր վրայով աղէկ խօսին, վասն զի իրենց հայրերը այդպէս կ’ընէին սուտ մարգարէներուն»։ Բայց կ’ըսեմ ձեզի որ մտիկ կ’ընէք. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ձեզ ատողներուն բարիք ըրէք, Ձեզ անիծողները օրհնեցէք, ձեզի նեղութիւն տուողներուն համար աղօթք ըրէք։ Թէ որ մէկը քու ծնօտիդ զարնէ, միւսն ալ մօտեցուր անոր. եթէ ան քու վերարկուդ քեզմէ հանէ, մի՛ արգիլեր անկէ շապիկդ ալ։ Ամէն ինչ, որ քեզմէ կ’ուզէ՝ տուր ու քու բաներդ առնողէն զանոնք մի՛ պահանջեր։ Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք։ Եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ կը սիրեն զիրենք սիրողները։ Եթէ դուք ձեզի բարիք ընողներուն բարիք ընէք, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ նոյն բանը կ’ընեն։ Եթէ այնպիսի մարդոց փոխ տաք՝ որոնցմէ յոյս ունիք ետ առնելու. ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ մեղաւորներուն փոխ կու տան, որպէս զի նոյն չափով ետ առնեն։ Այլ սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները ու բարիք ըրէք եւ փոխ տուէք առանց փոխարէնը բան մը սպասելու եւ ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին որդիները պիտի ըլլաք, վասն զի անիկա բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն։ Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։ «Մի՛ դատէք ու պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք ու պիտի չդատապարտուիք։ Ներեցէ՛ք ու ձեզ պիտի ներուի։ Տուէ՛ք ու ձեզ պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։ Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Միթէ կոյրը կոյրին կրնա՞յ առաջնորդութիւն ընել. չէ՞ որ երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան։ Աշակերտը իր վարդապետէն մեծ չէ, իսկ ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ»։ «Ինչո՞ւ քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ. ‘Եղբա՛յր, թող տուր որ աչքիդ մէջի շիւղը հանեմ’ եւ դուն քու աչքիդ մէջի գերանը չես տեսներ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը»։ «Չկայ բարի ծառ մը, որ չար պտուղ բերէ, ո՛չ ալ չար ծառ մը, որ բարի պտուղ բերէ. Վասն զի ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի։ Քանզի փուշերէն թուզ չեն քաղեր ու մորենիէն խաղող չեն ժողվեր։ Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ «Ինչո՞ւ զիս Տէ՛ր, Տէ՛ր, կը կոչէք ու ըսած բաներս չէք կատարեր։ Այն, որ ինծի կու գայ եւ իմ խօսքերս կը լսէ ու զանոնք կը կատարէ, ձեզի ցուցնե՞մ թէ որու կը նմանի։ Անիկա տուն շինող մարդու մը կը նմանի, որ փորեց ու խորունկցուց ու հիմը վէմի վրայ դրաւ եւ ջուրերուն յորդած ատենը գետը զարկաւ այն տանը ու չկրցաւ զանիկա շարժել, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր։ Բայց ան որ իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի այն մարդուն, որ հողի վրայ առանց հիմի տուն շինեց, որուն զարկաւ գետը եւ շուտ մը փլաւ։ Այն տանը կործանումը մեծ էր»։ Երբ իր բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն խօսիլը լմնցուց, մտաւ Կափառնայում։ Հարիւրապետի մը ծառան, որ սիրելի էր իրեն, հիւանդացած, մօտ էր մեռնելու։ Երբ Յիսուսի մասին լսեց, Հրեաներէն քանի մը ծերեր ղրկելով՝ աղաչեց անոր որ գայ իր ծառան ապրեցնէ։ Անոնք ալ եկան Յիսուսին եւ թախանձանքով կ’աղաչէին անոր ու կ’ըսէին թէ՝ «Անիկա արժանի է՝ որուն այս շնորհքը պիտի ընես, Վասն զի մեր ազգը կը սիրէ ու ժողովարանը անիկա շինեց մեզի»։ Յիսուս գնաց անոնց հետ ու երբ տան մօտեցան՝ հարիւրապետը քանի մը բարեկամներ ղրկեց ու ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, մի՛ յոգնիր, վասն զի ես արժանի չեմ որ դուն իմ յարկիս տակ մտնես։ Անոր համար ես ինքզինքս ալ արժանի չսեպեցի քեզի գալու, հապա խօսքով ըսէ եւ իմ ծառաս պիտի բժշկուի։ Վասն զի ես ալ իշխանութեան տակ դրուած մարդ մըն եմ ու իմ հրամանիս տակ զինուորներ ունիմ։ Ասոր կ’ըսեմ՝ ‘Գնա՛’ ու կ’երթայ. եւ միւսին՝ թէ ‘Եկո՛ւր’, կու գայ եւ ծառայիս՝ թէ ‘Այս բանը ըրէ’ ու կ’ընէ»։ Յիսուս այս բաները լսելով՝ զարմացաւ անոր վրայ եւ իր ետեւէն գացող ժողովուրդին դարձաւ ու ըսաւ. «Ձեզի կ’ըսեմ, թէ Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ»։ Ու պատգամաւորները նորէն տուն դարձան եւ հիւանդ ծառան առողջացած գտան։ Հետեւեալ օրը քաղաք մը կ’երթար, որուն անունը Նային էր։ Անոր հետ կ’երթային իր աշակերտներէն շատերը ու մեծ բազմութիւն մը։ Երբ քաղաքին դրանը մօտեցաւ, մեռել մը դուրս կը հանէին, իր մօրը մէկ հատիկ տղան։ Մայրը որբեւարի էր։ Քաղաքէն շատ ժողովուրդ անոր հետ էր։ Տէրը զանիկա տեսնելով՝ խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ անոր. «Մի՛ լար»։ Մօտենալով՝ դագաղին դպաւ ու տանողները կանգ առին. եւ ըսաւ. «Ո՛վ պատանի, քեզի կ’ըսեմ, Ելի՛ր»։ Ու մեռելը ելաւ նստաւ ու սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս տուաւ զանիկա իր մօրը։ Եւ ամէնքն ալ վախով բռնուեցան ու Աստուած կը փառաւորէին՝ ըսելով. «Մեծ մարգարէ մը ելեր է մեր մէջ եւ թէ Աստուած իր ժողովուրդին այցելութիւն ըրաւ»։ Եւ այս ձայնը անոր վրայով բոլոր Հրէաստան ելաւ ու բոլոր շրջակայ տեղերը։ Այս բաները Յովհաննէսին պատմեցին աշակերտները։ Յովհաննէս ալ իր աշակերտներէն երկուքը իրեն կանչեց եւ զանոնք Յիսուսին ղրկեց՝ ըսելով. «Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք»։ Աշակերտները գացին անոր ու ըսին. «Յովհաննէս Մկրտիչը մեզ ղրկեց քեզի ու կը հարցնէ. ‘Դուն ա՞ն ես որ գալու էր, թէ ուրիշի մը սպասենք’»։ Նոյն ժամուն շատեր բժշկեց իրենց հիւանդութեններէն ու հարուածներէն եւ չար ոգիներէն ու շատ կոյրերու տեսութիւն շնորհեց։ Ապա Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք Յովհաննէսին պատմեցէք ինչ որ տեսաք ու լսեցիք, թէ կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ’առնեն, աղքատներուն աւետարան կը քարոզուի։ Երանի՜ անոր որ իմ վրայովս չի գայթակղիր»։ Երբ Յովհաննէսին ղրկած մարդիկը գացին, Յիսուս ժողովուրդին ըսաւ Յովհաննէսին համար. «Ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած։ Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. փափուկ հանդերձներ հագած մա՞րդ մը։ Ահա անոնք որ փառաւոր հագուստներով ու փափկութեան մէջ են, թագաւորական պալատներն են։ Հապա ի՞նչ տեսնելու ելաք. մարգարէ՞. «Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, մարգարէէ մը աւելի»։ Վասն զի ասիկա է՝ որուն համար գրուած է. ‘Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ քու երեսիդ առջեւէն, որ քու ճամբադ պիտի պատրաստէ քու առջեւէդ’։ Քանզի կ’ըսեմ ձեզի. ‘Կիներէն ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտչէն մեծ մարգարէ չկայ’. սակայն Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ամենէն պզտիկը անկէ մեծ է»։ Բոլոր ժողովուրդը ու մաքսաւորները երբ լսեցին, Աստուած արդարացուցին, որ Յովհաննէսին մկրտութիւնով մկրտուեցան։ Բայց փարիսեցիները եւ օրինականները իրենց անձին դէմ Աստուծոյ խորհուրդը անարգեցին եւ անկէ չմկրտուեցան։ Արդ որո՞ւ նմանցնեմ այս ազգին մարդիկը եւ որո՞ւ կը նմանին։ Կը նմանին տղոց, որոնք շուկաները նստելով՝ իրարու կը կանչեն ու կ’ըսեն. ‘Փող հնչեցուցինք ձեզի ու չխաղացիք։ Ողբ կարդացինք ձեզի ու չլացիք’։ Վասն զի Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ, ո՛չ հաց կ’ուտէր եւ ո՛չ գինի կը խմէր ու կ’ըսէիք. ‘Դեւ կայ անոր ներսիդին’։ Որդին մարդոյ եկաւ, կ’ուտէ ու կը խմէ եւ կ’ըսէք. ‘Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ’։ Իմաստութիւնը արդարացաւ իր բոլոր որդիներէն»։ Փարիսեցիներէն մէկը կ’աղաչէր անոր, որ իրեն հետ հաց ուտէ։ Ան ալ փարիսեցիին տունը մտաւ ու սեղան նստաւ։ Քաղաքին մէջ մեղաւոր կին մը կար. երբ իմացաւ թէ անիկա փարիսեցիին տունը սեղան նստեր է, շիշ մը անուշահոտ իւղ բերաւ։ Ու ետեւի կողմէն անոր ոտքերուն քով կեցեր՝ կու լար եւ արցունքովը սկսաւ անոր ոտքերը թրջել ու իր գլխուն մազերովը կը սրբէր եւ կը համբուրէր անոր ոտքերը ու իւղով կ’օծէր։ Ու երբ տեսաւ փարիսեցին, որ զանիկա հրաւիրեր էր, ըսաւ իր մտքին մէջ. «Ասիկա եթէ մարգարէ ըլլար, պիտի գիտնար թէ ո՞վ եւ ի՞նչպիսի կին է իրեն դպչողը, վասն զի մեղաւոր է»։ Յիսուս պատասխանելով ըսաւ անոր. «Սիմոն, քեզի բան մը ունիմ ըսելու»։ Ան ալ ըսաւ. «Ըսէ՛, վարդապետ»։ Յիսուս ըսաւ. «Փոխ տուող մը երկու պարտական ունէր, մէկը հինգ հարիւր դահեկան պարտք ունէր ու միւսը՝ յիսուն։ Որովհետեւ հատուցանելու կարողութիւն չունէին, երկուքին ալ շնորհեց։ Հիմա ըսէ. ‘Անոնցմէ ո՞րը աւելի պիտի սիրէ զանիկա’»։ Պատասխան տուաւ Սիմոն ու ըսաւ. «Ինծի այնպէս կ’երեւնայ, թէ որո՛ւն որ շատ շնորհեց»։ Ան ալ ըսաւ անոր. «Ուղիղ դատեցիր»։ Ու դառնալով դէպի այն կինը՝ ըսաւ Սիմոնին. «Կը տեսնե՞ս այս կինը։ Ես քու տունդ մտայ, դուն ոտքերուս ջուր չտուիր, բայց ասիկա իր արցունքովը ոտքերս թրջեց եւ իր մազերովը սրբեց։ Դուն ինծի համբոյր մը չտուիր, բայց ասիկա հոս մտնելէս ի վեր ոտքերս համբուրելէն չդադրեցաւ։ Դուն իմ գլուխս ձեթով չօծեցիր, բայց ասիկա իմ ոտքերս անուշահոտ իւղով օծեց։ Ասոր համար կ’ըսեմ քեզի. ‘Ներուած են ասոր շատ մեղքերը, վասն զի շատ սիրեց, բայց որուն որ քիչ կը ներուի, անիկա քիչ կը սիրէ’. Ու ըսաւ անոր. «Քու մեղքերդ ներուած են»։ Անոր հետ սեղան նստողները սկսան իրենց մէջ ըսել. «Ո՞վ է ասիկա որ մեղքերու թողութիւն ալ կու տայ»։ Ինք ըսաւ կնոջը. «Քու հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա խաղաղութեամբ»։ Անկէ յետոյ՝ ինք քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր ու տասներկուքը իրեն հետ էին, Նաեւ քանի մը կիներ՝ որոնք չար ոգիներէ ու հիւանդութիւններէ բժշկուեր էին. Մարիամը, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր, ուրկէ եօթը դեւ ելեր էր Եւ Յովհաննան՝ Հերովդէսին տանը վերակացուին՝ Քուզայի կինը ու Շուշան եւ շատ ուրիշներ, որոնք իրենց ստացուածքովը անոր ծառայութիւն կ’ընէին։ Երբ մեծ բազմութիւն ժողվուեցաւ եւ շատ քաղաքներէ իրեն եկան, առակ մը ըսաւ անոնց. «Սերմ ցանող մը ելաւ իր սերմը ցանելու։ Ցանած ատենը մէկ քանին ճամբուն քով ինկան եւ ոտքի տակ կոխկռտուեցան ու երկնքի թռչունները կերան զանոնք։ Ուրիշներ ապառաժի վրայ ինկան ու բուսածին պէս չորցան, հողին հիւթ չունենալուն համար։ Եւ ուրիշներ փուշերու մէջ ինկան ու փուշերը անոնց հետ բուսնելով խեղդեցին զանոնք։ Եւ ուրիշներ աղէկ հողի մէջ ինկան ու բուսնելով՝ հարիւրապատիկ պտուղ տուին»։ Երբ այս բաները կ’ըսէր, կ’աղաղակէր. «Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։ Իր աշակերտները հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս առակը»։ Ան ալ ըսաւ. «Ձեզի տրուած է հասկնալ Աստուծոյ թագաւորութեան խորհուրդները, բայց ուրիշներուն առակներով կը խօսիմ. որպէս զի տեսնելով՝ չտեսնեն եւ լսելով՝ չիմանան»։ Արդ, առակին իմաստը այս է. «Սերմը Աստուծոյ խօսքն է։ Ճամբուն քովինները անոնք են՝ որ կը լսեն ու ետքը Սատանան կու գայ, անոնց սրտէն կը հանէ խօսքը, որպէս զի չըլլայ թէ հաւատան ու փրկուին։ Ապառաժին վրայինները անոնք են ՝ որ երբ լսեն, ուրախութեամբ կ’ընդունին խօսքը, բայց արմատ չունին։ Ատեն մը կը հաւատան ու փորձութեան ժամանակ կը հեռանան։ Փուշերուն մէջ ինկածները անոնք են՝ որ կը լսեն, բայց հոգերով ու հարստութիւնով եւ այս կեանքին ցանկութիւններով զբաղած ըլլալով՝ կը խեղդուին եւ անպտուղ կ’ըլլան։ Իսկ աղէկ հողի մէջ ցանուածը անոնք են՝ որ բարի եւ յօժար սրտով լսելով խօսքը՝ կ’ընդունին ու համբերութիւնով պտուղ կու տան»։ «Չկայ մէկը, որ ճրագը վառէ ու ամանի մը տակ կամ մահիճին ներքեւ դնէ, հապա աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։ Վասն զի չկայ ծածուկ բան մը, որ պիտի չյայտնուի, ո՛չ ալ գաղտուկ բան մը, որ պիտի չգիտցուի ու երեւան չելլէ։ Ուստի նայեցէք թէ ի՛նչպէս կը լսէք. քանզի ով որ ունի՝ անոր պիտի տրուի եւ ով որ չունի՝ այն ալ որ ինք կը կարծէ թէ ունի, ան ալ անկէ պիտի առնուի»։ Անոր մայրն ու եղբայրները իրեն եկան, բայց բազմութենէն չէին կրնար անոր քով երթալ։ Անոր իմացուցին՝ ըսելով. ‘Քու մայրդ ու եղբայրներդ դուրսը կայներ են ու քեզ տեսնել կ’ուզեն’։ Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ անոնց. «Իմ մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու զանիկա կը կատարեն»։ Օր մը նաւը մտան Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ ու ըսաւ անոնց. «Ծովակին միւս կողմը անցնինք»։ Ճամբայ ելան։ Երբ նաւով կ’երթային ինք քնացաւ։ Զօրաւոր փոթորիկ մը ելաւ ծովակին վրայ։ Նաւը ջուրով կը լեցուէր ու իրենք վտանգի մէջ էին։ Մօտեցան, արթնցուցին զանիկա ու ըսին. «Վա՛րդապետ, վա՛րդապետ, ահա կը կորսուինք»։ Ան ալ ելաւ սաստեց հովին ու ջուրերուն խռովութեանը եւ հանդարտեցաւ ու խաղաղութիւն եղաւ։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»։ Անոնք վախի մէջ ինկած՝ զարմացան ու իրարու կ’ըսէին. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա՝ որ հովերուն ու ջուրին ալ հրաման կու տայ եւ կը հնազանդին իրեն»։ Ու նաւելով իջան Գադարացիներուն երկիրը, որ Գալիլիայի դիմացի կողմն է։ Ինք ցամաքը ելլելուն պէս՝ այն քաղաքէն մարդ մը ելաւ դէմը, որուն ներսը շատ ատենէ ի վեր դեւեր կային ու անիկա հանդերձ չէր հագներ, ոչ ալ տան մէջ կը բնակէր, հապա գերեզմաններու մէջ։ Ան՝ Յիսուսը տեսնելով՝ աղաղակեց ու ինկաւ անոր առջեւ ու բարձր ձայնով ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս, Յիսո՛ւս, Որդի Բարձրեալն Աստուծոյ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս մի տանջեր»։ (Վասն զի հրամայեց պիղծ ոգիին որ այն մարդէն ելլէ. որովհետեւ շատ ատեն էր որ զանիկա գրաւած էր եւ անիկա շղթաներով ու ոտնակապերով կապուած կը պահուէր, բայց կապերը կը կոտրտէր ու դեւէն անապատը կը քշուէր։) Հարցուց անոր Յիսուս ու ըսաւ. «Անունդ ի՞նչ է»։ Ան ալ ըսաւ. ‘Լէգէոն’. վասն զի շատ մը դեւեր մտեր էին անոր ներսիդին, Անոնք կ’աղաչէին անոր որ անդունդը երթալու հրաման չընէ իրենց։ Հոն խոզերու երամակ մը կար, որոնք լեռը կ’արածուէին։ Աղաչեցին որ իրենց հրաման տայ անոնց մէջ մտնելու։ Յիսուս հրաման տուաւ անոնց։ Դեւերը մարդէն ելլելով՝ խոզերուն մէջ մտան։ Երամակը գահավէժ տեղէն ծովակը վազեց ու խեղդուեցաւ։ Խոզարածները ասիկա տեսնելով փախան ու պատմեցին քաղաքը ու ագարակները։ Մարդիկ ելան եղած բանը տեսնելու։ Եկան Յիսուսին, գտան այն մարդը՝ ուրկէ դեւերը ելեր էին, հագուած ու խելքը վրան Յիսուսին ոտքերուն քով նստած ու վախցան։ Անոնք որ տեսեր էին, պատմեցին անոնց թէ ի՛նչպէս դիւահարը ազատեցաւ։ Գադարացիներու շրջակայքը գտնուող բոլոր բազմութիւնը կ’աղաչէր անոր, որ իրենցմէ երթայ, վասն զի մեծ վախով բռնուած էին։ Ան ալ նաւը մտնելով ետ դարձաւ։ Մարդը՝ որմէ դեւերը ելեր էին, կ’աղաչէր անոր որ իրեն ընկերանայ, բայց Յիսուս ըսաւ. «Դարձիր քու տունդ ու պատմէ ինչ որ Աստուած քեզի ըրաւ»։ Ան ալ գնաց ու բոլոր քաղաքին մէջ պատմեց ինչ որ Յիսուս իրեն ըրաւ։ Երբ Յիսուս ետ դարձաւ, ժողովուրդը զանիկա ընդունեց, վասն զի ամէնքը իրեն կը սպասէին։ Ահա Յայրոս անունով մարդ մը եկաւ, որ ժողովարանին իշխանն էր, Յիսուսին ոտքը իյնալով կ’աղաչէր անոր որ իր տունը մտնէ, Վասն զի մէկ հատիկ աղջիկ մը ունէր, գրեթէ տասներկու տարեկան, որ մեռնելու մօտ էր։ Երբ Յիսուս կ’երթար, բազմութիւնը կը նեղէր զինք։ Կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնի տեռատեսութեան մէջ էր ու իր բոլոր ունեցածը բժիշկներուն ծախսած էր բայց ոչ մէկէն բժշկուելու ճար մը գտած էր, Ետեւէն մօտենալով՝ անոր հանդերձին քղանցքին դպաւ եւ իսկոյն իր արիւնին հոսումը դադրեցաւ։ Եւ Յիսուս ըսաւ. «Ո՞վ էր ան որ ինծի դպաւ»։ Երբ ամէնքը կ’ուրանային, ըսին Պետրոս ու իրեն հետ եղողները. «Վարդապետ, բազմութիւնը քեզ կը հրէ ու կը նեղէ ու կ’ըսես թէ ‘Ո՞վ ինծի դպաւ’»։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկը ինծի դպաւ, քանզի իմացայ որ ինծմէ զօրութիւն մը ելաւ»։ Կինը երբ տեսաւ թէ բանը անկէ չծածկուեցաւ, դողալով եկաւ ու անոր առջեւ ինկաւ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ անոր պատմեց թէ ի՛նչ բանի համար անոր դպեր էր եւ թէ ի՛նչպէս ինք իսկոյն բժշկուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Քաջալերուէ՛, ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Գնա խաղաղութեամբ»։ Երբ ինք դեռ կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ ու ըսաւ. «Աղջիկդ մեռաւ, ա՛լ վարդապետը մի յոգնեցներ»։ Բայց Յիսուս երբ լսեց ատիկա, ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա ու պիտի ապրի»։ Երբ տունը մտաւ, ուրիշ մէ՛կը թող չտուաւ որ մտնէ, բայց միայն Պետրոսը ու Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը ու աղջկան հայրն ու մայրը։ Ամէնքն ալ կու լային ու կ’ողբային անոր վրայ. եւ ինք ըսաւ. «Մի՛ լաք, անիկա մեռած չէ, հապա կը քնանայ»։ Անոնք ծաղր կ’ընէին զանիկա, քանզի գիտէին թէ մեռաւ։ Ինք ամէնքն ալ դուրս հանելով՝ բռնեց աղջկան ձեռքէն ու կանչեց՝ ըսելով. «Աղջի՛կ, ելիր»։ Անոր հոգին դարձաւ ու իսկոյն ոտքի ելաւ։ Յիսուս հրաման ըրաւ, որ ուտելիք տան անոր։ Անոր ծնողքը ապշած մնացին։ Յիսուս անոնց պատուիրեց, որ եղածը մարդո՛ւ չըսեն։ Իր տասներկու աշակերտները իրեն կանչելով՝ անոնց զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ բոլոր դեւերուն վրայ եւ ախտերը բժշկելու։ Ու զանոնք ղրկեց, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեն ու հիւանդները բժշկեն։ Ըսաւ անոնց. «Ճամբու համար բան մի՛ առնէք, ո՛չ գաւազան եւ ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց եւ ո՛չ ստակ, ո՛չ ալ կրկին հանդերձ ունենաք։ Եւ որո՛ւ տուն որ մտնէք, հոն մնացէք ու անկէ ելէք։ Եթէ անոնք ձեզ չընդունին, երբ այն քաղաքէն ելլէք, ձեր ոտքերուն փոշին անգամ թօթուեցէք՝ իրենց դէմ վկայութիւն ըլլալու համար»։ Աշակերտները ելան ու գիւղէ գիւղ կը պտըտէին եւ ամէն տեղ աւետարանը կը քարոզէին ու բժշկութիւն կ’ընէին։ Հերովդէս չորրորդապետը Յիսուսին գործերը լսելով՝ տարակուսանքի մէջ էր, որովհետեւ ոմանք ըսած էին Թէ ‘Յովհաննէս յարութիւն առաւ մեռելներէն՝ եւ ոմանք՝ թէ ‘Եղիա յայտնուեցաւ’ եւ ուրիշներ ալ՝ թէ ‘Առաջուան մարգարէներէն մէկը յարութիւն առաւ’։ Հերովդէս ըսաւ. «Յովհաննէսը ես գլխատեցի, հապա ասիկա ո՞վ պիտի ըլլայ, որուն մասին այսպիսի բաներ կը լսեմ»։ Ու կ’ուզէր որ տեսնէ զանիկա։ Առաքեալները դարձան ու պատմեցին անոր ինչ որ ըրին։ Յիսուս առաւ զանոնք, առանձին անապատ տեղ մը քաշուեցաւ քաղաքի մը քով՝ որուն անունը Բեթսայիդա էր։ Ժողովուրդը երբ իմացաւ՝ անոր ետեւէն գացին։ Ինք ալ զանոնք ընդունելով՝ կը խօսէր անոնց Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով եւ որոնք որ բժշկութեան կարօտ էին՝ կը բժշկէր։ Իրիկունը, տասներկուքը եկան ու ըսին անոր. «Արձակէ ժողովուրդը, որպէս զի շրջակայ գիւղերը ու ագարակները երթան իջեւանին ու կերակուր գտնեն, վասն զի հոս անապատի մէջ ենք»։ Ըսաւ անոնց. «Դուք անոնց ուտելիք տուէք»։ Անոնք ալ ըսին. «Մենք հինգ նկանակէն ու երկու ձուկէն աւելի բան չունինք, եթէ չերթանք այդ բոլոր ժողովուրդին համար կերակուր չգնենք» (Քանզի հինգ հազարի չափ այր մարդիկ կային։) Ան ալ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ատոնք դաս դաս, յիսուն յիսուն, նստեցուցէք»։ Այնպէս ըրին ու ամէնքն ալ նստեցուցին։ Յիսուս հինգ նկանակը ու երկու ձուկը առաւ՝ դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց զանոնք ու կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն, որպէս զի ժողովուրդին առջեւ դնեն։ Եւ կերան ու կշտացան ամէնքն ալ ու աւելցած կտորուանքները՝ տասներկու կողով՝ վերցուցին։ Օր մը, երբ ինք առանձին աղօթք կ’ընէր, աշակերտներն ալ իրեն հետ էին, հարցուց անոնց. «Ժողովուրդը ինծի համար ո՞վ կ’ըսեն թէ եմ»։ Անոնք ալ պատասխան տալով՝ ըսին. « Ոմանք ՝ Յովհաննէս Մկրտիչը եւ ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ առաջուան մարգարէներէն մէկը, որ յարութիւն առեր է»։ Ինք ըսաւ անոնց. «Հապա դո՞ւք ինծի համար ով կ’ըսէք թէ եմ»։ Պատասխան տուաւ Պետրոս ու ըսաւ. «Աստուծոյ Քրիստոսը»։ Յիսուս խիստ կերպով պատուիրեց անոնց, որ այս բանը մարդո՛ւ չըսեն։ Ու ըսաւ. «Պէտք է Որդին մարդոյ շատ չարչարանքներ կրէ, ծերերէն ու քահանայապետներէն եւ դպիրներէն մերժուի ու սպաննուի ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ»։ Եւ ամենուն կ’ըսէր. «Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գալ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ Վասն զի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնել, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։ Քանզի ի՞նչ կը շահի մարդ՝ եթէ բոլոր աշխարհը վաստկի եւ իր անձը կորսնցնէ կամ վնաս ընէ։ Վասն զի ով որ զիս ու իմ խօսքերս դաւանիլը ամօթ սեպէ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա դաւանիլը ամօթ պիտի սեպէ՝ երբ գայ իր ու Հօրը եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքովը։ Բայց ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ հոս կայնողներէն մէկ քանիները կան՝ որոնք մահուան համը պիտի չառնեն, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Այս խօսքերէն գրեթէ ութ օր ետքը՝ Պետրոսը ու Յովհաննէսը եւ Յակոբոսը առնելով, լեռը ելաւ աղօթք ընելու։ Երբ ինք աղօթք կ’ընէր, իր երեսին տեսքը ուրիշ կերպ մը եղաւ եւ իր հագուստը ճերմակ ու փայլուն եղաւ։ Ահա երկու մարդիկ իրեն հետ կը խօսէին, որոնք Մովսէսն ու Եղիան էին, Փառքով երեւցած եւ անոր այս կեանքէն ելլելուն վրայով կը խօսէին, որ Երուսաղէմի մէջ պիտի կատարուէր։ Պետրոս եւ անոր հետ եղողները քունով ծանրացած էին, երբ արթնցան, տեսան անոր փառքը եւ այն երկու մարդիկը, որոնք անոր քով կեցեր էին։ Երբ անոնք զատուեցան Յիսուսին քովէն, Պետրոս ըսաւ Յիսուսին. «Վա՛րդապետ, աղէկ է որ հոս կենանք ու երեք խրճիթ շինենք, մէկը՝ քեզի եւ մէկը՝ Մովսէսին ու մէկը՝ Եղիային, վասն զի չէր գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսէր։ Երբ անիկա այս բաները կը խօսէր, ամպ մը եկաւ ու անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպին տակ մտած ատեննին վախցան։ Ձայն մը եկաւ ամպէն՝ ըսելով. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, ատոր մտիկ ըրէք»։ Երբ այն ձայնը լսեցին, Յիսուս մինակ մնաց։ Իրենք ալ լուռ կեցան եւ իրենց տեսածներէն այն օրերը մարդո՛ւ բան մը չպատմեցին։ Հետեւեալ օրը, երբ անոնք լեռնէն վար իջան, շատ ժողովուրդ անոր դէմը ելաւ։ Ժողովուրդին մէջէն մարդ մը աղաղակեց ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, կ’աղաչեմ քեզի, նայէ իմ որդիիս, քանզի իմ մէկ հատիկս է. Ոգի մը կը բռնէ զանիկա. տղաս ալ յանկարծ կը կանչուըռտէ եւ ոգին զանիկա ցնցելով կը փրփրցնէ ու հազիւ կը զատուի անկէ՝ ջարդուբուրդ ընելով զանիկա։ Քու աշակերտներուդ աղաչեցի որ հանեն զանիկա, բայց չկրցան»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Ով անհաւատ եւ խոտորեալ ազգ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ ու ձեզի հանբերեմ։ Հո՛ս բեր քու որդիդ»։ Երբ կը մօտենար, դեւը զանիկա գետինը զարկաւ ու սաստիկ ցնցեց։ Իսկ Յիսուս սաստեց պիղծ ոգիին եւ բժշկեց տղան ու զանիկա իր հօրը տուաւ։ Ամէնքը կը զարմանային Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն վրայ։ Քանի որ ամէնքը կը զարմանային Յիսուսի ըրած բոլոր գործերուն վրայ, անիկա ըսաւ իր աշակերտներուն. «Դուք այս խօսքերը մի՛ մոռնաք, վասն զի Որդի մարդոյ պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը»։ Բայց անոնք չէին իմանար այս խօսքը եւ անոնցմէ ծածկուած էր որպէս զի չհասկնան ու կը վախնային որ այն խօսքին համար իրեն հարցնեն։ Խորհուրդ մըն ալ մտաւ անոնց մէջ՝ թէ արդեօք իրենց մէջ ո՞վ է մեծ։ Յիսուս անոնց սրտին խորհուրդը իմանալով՝ տղայ մը առաւ ու զանիկա իր քով կանգնեցուց Եւ ըսաւ անոնց. «Ով որ այս տղան իմ անունովս ընդունի՝ զիս կ’ընդունի. եւ ան որ զիս կ՛ընդունի՝ անիկա զիս ղրկողը կ’ընդունի. վասն զի ան որ ձեր ամենուն մէջ պզտիկ է, անիկա մեծ պիտի ըլլայ»։ Եւ խօսեցաւ Յովհաննէս ու ըսաւ. «Վա՛րդապետ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ դեւեր կը հանէր եւ զանիկա արգիլեցինք, վասն զի մեզի հետ չի պտըտիր»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Մի՛ արգիլէք, քանզի ան որ մեզի հակառակ չէ, մեր՝ ՝ կողմէն է»։ Երբ իր աշխարհէն վերնալու օրերը մօտեցան, ինք ալ հաստատ որոշեց՝ ՝ Երուսաղէմ երթալ։ Եւ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց, որոնք գացին, Սամարացիներուն մէկ գիւղը մտան որպէս զի իրեն համար պատրաստութիւն տեսնեն։ Բայց չընդունեցին զանիկա, վասն զի անոր երեսը դէպի Երուսաղէմ շտկուած էր։ Երբ իր աշակերտները, Յակոբոս ու Յովհաննէս, իմացան, ըսին անոր. «Տէ՛ր, կ’ուզե՞ս որ ըսենք ու երկնքէն կրակ իջնէ ու սատկեցնէ զանոնք, ինչպէս Եղիան ալ ըրաւ»։ Յիսուս դարձաւ, յանդիմանեց զանոնք՝ ըսելով. «Չէք գիտեր թէ ի՛նչ հոգիի տէր էք դուք. Վասն զի Որդին մարդոյ չեկաւ մարդոց հոգիները կորսնցնելու, հապա փրկելու՝ ՝»։ Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին։ Երբ անոնք ճամբան կ’երթային, մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քու ետեւէդ գամ՝ ուր որ երթաս»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ»։ Ուրիշի մըն ալ ըսաւ. «Եկուր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ինծի հրաման տուր որ առաջ երթամ իմ հայրս թաղեմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող տուր մեռելներուն որ թաղեն իրենց մեռելները, բայց դուն գնա Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ»։ Ուրիշ մըն ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ես քու ետեւէդ պիտի գամ, բայց ինծի հրաման տուր որ առաջ իմ տանս մէջ եղողներուն հրաժարական ողջոյնս տամ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ով որ ձեռքը մաճին վրայ կը դնէ ու ետին կը նայի, Աստուծոյ թագաւորութեանը յարմար չէ»։ Այս բանէն ետքը Տէրը ուրիշ եօթանասունըերկուք ալ որոշեց եւ զանոնք իր առջեւէն երկու երկու ղրկեց բոլոր քաղաքները ու տեղերը ուր ինք պիտի երթար։ Եւ ըսաւ անոնց. «Հունձքը շատ է բայց մշակները քիչ. ուստի հունձքին Տէրոջը աղաչեցէք որ մշակներ հանէ իր հունձքին։ Գացէք. ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ գառներ գայլերու մէջ։ Ձեզի հետ քսակ մի՛ առնէք, ո՛չ ալ պարկ եւ ո՛չ կօշիկներ ու ճամբան մարդու բարեւ մի՛ տաք։ Եւ ո՛րմէկ տուն որ մտնէք՝ առաջ ըսէք. ‘ Բարեւ այս տանը’։ Եթէ հոն բարեւի արժանի մարդ կայ, ձեր բարեւը պիտի հանգչի անոր վրայ, ապա թէ ոչ՝ ձեզի պիտի դառնայ։ Այն տանը մէջ մնացէք ու անոնց քով կերէք ու խմեցէք, վասն զի մշակը իր վարձքին արժանի է։ Տունէ տուն մի՛ փոխուիք։ Ո՛րմէկ քաղաք որ մտնէք ու ձեզ ընդունին, ինչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք. Ու բժշկեցէք անոր մէջի հիւանդները եւ ըսէք անոնց. ‘Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’։ Բայց ո՛րմէկ քաղաք որ մտնէք ու ձեզ չընդունին, անոր հրապարակները ելլելով՝ ըսէք. ‘Այն փոշին ալ որ ձեր քաղաքէն մեր ոտքերուն փակած է, ձեզի կը թօթուենք. միայն թէ այս գիտցէք, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեզի մօտեցեր է’։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ այն օրը Սոդոմին դատաստանը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ՝ քան թէ այն քաղաքին»։ «Վա՜յ քեզի, Քորազին, վա՜յ քեզի, Բեթսայիդա, վասն զի եթէ Տիւրոսի ու Սիդոնի մէջ եղած ըլլային այն հրաշքները որոնք ձեր մէջ եղան, շատունց քուրձով ու մոխիրի մէջ նստելով ապաշխարած պիտի ըլլային։ Բայց դատաստանին օրը Տիւրոսին ու Սիդոնին աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, քան թէ՝ ձեզի։ Եւ դո՛ւն, Կափառնայում, որ մինչեւ երկինք բարձրացած ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես։ Ան որ ձեզի մտիկ կ’ընէ, ինծի մտիկ կ’ընէ եւ ան որ ձեզ կը մերժէ, զիս կը մերժէ. եւ ան որ զիս կը մերժէ, զիս ղրկողը կը մերժէ»։ Եօթանասունըերկու աշակերտները դարձան ուրախութեամբ ու ըսին. «Տէ՛ր, քու անունովդ դեւերն ալ մեզի կը հնազանդէին»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Սատանան փայլակի պէս երկնքէն վար ինկած կը տեսնէի։ Ահա ձեզի իշխանութիւն կու տամ օձերու եւ կարիճներու եւ թշնամիին բոլոր զօրութեանը վրայ կոխկռտելու ու բնաւ բան մը ձեզի պիտի չվնասէ։ Բայց դուք անոր համար մի՛ ուրախանաք, որ չար ոգիները ձեզի կը հնազանդին, հապա ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքը գրուած են»։ Նոյն ժամուն Յիսուս Հոգիով ուրախացաւ ու ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր։ Այո՛, ո՛վ Հայր, վասն զի քու առջեւդ այսպէս հաճելի եղաւ։ Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս ու մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է Որդին, բայց միայն Հայրը եւ թէ ո՞վ է Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել»։ Աշակերտներուն դառնալով՝ առանձին ըսաւ. «Երանի՜ այն աչքերուն՝ որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան եւ ձեր լսածները լսել, բայց չլսեցին»։ Ահա օրինական մը ելաւ ու զանիկա փորձելով՝ ըսաւ. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ անոր. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։ Պատասխան տուաւ անիկա ու ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու ընկերդ՝ քու անձիդ պէս»։ Ինք ըսաւ անոր. «Շիտակ պատասխան տուիր, ատիկա ըրէ ու պիտի ապրիս»։ Իսկ օրինականը, ուզելով ինքզինք արդարացնել, ըսաւ Յիսուսին. «Բայց իմ ընկերս ո՞վ է»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին։ Պատահեցաւ որ քահանայ մը այն ճամբայէն իջնէ ու զանիկա տեսնելով անդիի կողմէն անցաւ։ Նոյնպէս Ղեւտացի մըն ալ այնտեղ հասնելով՝ գնաց ու տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ։ Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց։ Մօտեցաւ, անոր վէրքերը փաթթեց, վրան ձէթ եւ գինի թափելով ու իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ։ Հետեւեալ օրը, երբ կ’ելլէր անկէ, երկու դահեկան հանեց՝ պանդոկապետին տուաւ եւ անոր ըսաւ. «Հոգ տար ատոր ու ինչ որ աւելի ծախք ընես, ետ դառնալուս ես քեզի կը վճարեմ»։ Հիմա այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։ Անիկա ըսաւ. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ»։ Երբ անոնք կ’երթային, ինք գիւղ մը մտաւ եւ կին մը, Մարթա անունով, զանիկա իր տունը ընդունեց։ Անիկա քոյր մը ունէր, որուն անունը Մարիամ էր, որ եկաւ Յիսուսին ոտքերուն քով նստաւ, անոր խօսքերը մտիկ կ’ընէր։ Բայց Մարթա սպասաւորութիւնով շատ զբաղած էր։ Եկաւ անոր քով ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու հոգդ չէ՞, որ իմ քոյրս զիս մինակ թողուց սպասաւորութեան մէջ. ուստի ատոր ըսէ, որ ինծի օգնէ»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար հոգ ընելով կը տագնապիս. Բայց մէ՛կ բան պէտք է եւ Մարիամ այն աղէկ բաժինը ընտրեց, որ իրմէ պիտի չառնուի»։ Տեղ մը աղօթք կ’ընէր։ Երբ դադրեցաւ, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, մեզի աղօթք ընել սորվեցուր, ինչպէս Յովհաննէս իր աշակերտներուն սորվեցուց»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Երբ աղօթք կ’ընէք՝ ըսէք. «Ով Հայր մեր, որ երկինքն ես՝ ՝, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ՝ ՝. Մեր ամէն օրուան հացը օրէ օր մեզի տուր Եւ մեզի ներէ մեր մեղքերը, քանզի մենք ալ կը ներենք այն ամենուն՝ որ մեզի պարտական են ու մեզ փորձութեան մի տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ՝ ՝»։ Եւ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞վ է ան, որ բարեկամ մը ունենայ ու կէսգիշերուան մէջ երթայ անոր եւ ըսէ. «Բա՛րեկամ, ինծի երեք նկանակ փոխ տուր, Վասն զի իմ մէկ բարեկամս ճամբայէն ինծի եկաւ ու բան մը չունիմ անոր առջեւ դնելու»։ Անիկա ալ ներսէն պատասխան տայ եւ ըսէ. «Զիս մի՛ յոգնեցներ, արդէն դուռը գոցուած է ու տղաքս իմ քովս անկողնին մէջ են, չեմ կրնար ելլել ու քեզի հաց տալ»։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Թէեւ բարեկամութեան համար չելլէ տայ անոր, սակայն անոր թախանձանքին համար պիտի ելլէ ու պէտք եղածը տայ անոր’։ Ես ալ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք ու պիտի գտնէք, դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի. Վասն զի ամէն ով որ կը խնդրէ՝ կ’առնէ եւ ով որ կը փնտռէ՝ կը գտնէ եւ ով որ դուռը կը զարնէ՝ պիտի բացուի անոր’։ ‘Ձեզմէ ո՞վ է այն հայրը, որմէ իր որդին հաց ուզէ, քար տայ անոր. կամ եթէ ձուկ ուզէ, ձուկին տեղ օձ տայ անոր. Կամ եթէ հաւկիթ ուզէ, կարիճ տայ անոր’։ Ուստի եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն»։ Յիսուս դեւ մը կը հանէր մէկէն՝ որ համր էր։ Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ եւ ժողովուրդը զարմացաւ։ Բայց անոնցմէ մէկ քանիները ըսին. «Ատիկա դեւերուն Բէեղզեբուղ իշխանին միջոցով դեւերը կը հանէ»։ Ուրիշներ ալ փորձելով՝ երկնքէն նշան մը կ’ուզէին անկէ։ Բայց Յիսուս գիտնալով անոնց խորհուրդները՝ ըսաւ անոնց. «Ամէն թագաւորութիւն իրեն դէմ բաժնուած՝ կ’աւերի եւ տուն մը իրեն դէմ բաժնուած ՝ կը կործանի. Հապա եթէ Սատանան իրեն դէմ բաժնուած է, անոր թագաւորութիւնը ի՞նչպէս պիտի կենայ, որովհետեւ կ’ըսէք թէ Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ։ Իսկ եթէ ես Բէեղզեբուղով դեւերը կը հանեմ, ձեր որդինե՞րը ինչով կը հանեն։ Ուրեմն անոնք պիտի ըլլան ձեր դատաւորները։ Բայց եթէ ես Աստուծոյ մատովը կը հանեմ դեւերը, ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր վրայ հասած է։ Երբ զօրաւոր մարդ մը զէնքերը վրան առած՝ իր տանը բակը պահպանէ, անոր բաները խաղաղութեան մէջ կը մնան. Բայց երբ անկէ աւելի զօրաւորը գալով յաղթէ անոր, անոր զէնքերը կ’առնէ՝ որոնց ինք յուսացեր էր եւ անկէ առած կողոպուտը կը բաժնէ։ Ան որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր՝ ցիրուցան կ’ընէ»։ «Երբ պիղծ ոգին մարդէ մը ելլէ, անջուր տեղեր կը պտըտի, հանգստութիւն կը փնտռէ ու եթէ չգտնէ, կ’ըսէ. ‘Դառնամ նորէն իմ տունս՝ ուրկէ ելայ’։ Եւ կու գայ, զանիկա մաքրուած ու յարդարուած կը գտնէ։ Այն ատեն կ’երթայ եւ իրեն հետ կ’առնէ եօթը ուրիշ ոգիներ՝ իրմէ աւելի չար ու մտնելով հոն կը բնակին եւ այն մարդուն վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ»։ Երբ անիկա այս բաները կը խօսէր, ժողովուրդին մէջէն կին մը ձայնը վերցուց ու ըսաւ. «Երանի՜ այն որովայնին՝ որ քեզ կրեց եւ այն ծիծերուն՝ որոնք քեզի կաթ տուին»։ Իսկ ինք ըսաւ. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն»։ Երբ ժողովուրդը անոր վրայ կը դիզուէր, ինք ըսաւ. «Այս ազգը չար է. նշան կ’ուզէ, բայց ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, միայն Յովնան մարգարէին նշանը։ Քանզի ինչպէս Յովնան Նինուէացիներուն նշան եղաւ, այնպէս Որդին մարդոյ այս ազգին՝ պիտի ըլլայ։ Հարաւի թագուհին դատաստանին օրը այս ազգին մարդոցը դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ ասոնք, վասն զի երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս։ Նինուէի մարդիկը դատաստանի օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն ասիկա, վասն զի Յովնանին քարոզութիւնով զղջացին եւ ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս»։ «Մէկը ճրագը չի վառեր ու ծածուկ տեղ մը դներ, ո՛չ ալ գրուանի տակ, հապա աշտանակի վրայ, որպէս զի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։ Մարմնին ճրագը աչքն է, ուստի երբ աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ ալ լուսաւոր կ’ըլլայ, բայց երբ աչքդ վատ է, մարմինդ ալ մութ կ’ըլլայ։ Ուրեմն զգոյշ կեցիր, որ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար չըլլայ։ Արդ՝ եթէ քու բոլոր մարմինդ լուսաւոր է եւ մութ մաս մը չունի, բոլորն ալ լուսաւոր կ’ըլլայ. ինչպէս երբ ճրագ մը իր փայլունութիւնովը քեզ լուսաւորէ»։ Երբ այս բաները կը խօսէր, փարիսեցի մը կ’աղաչէր անոր, որ իր քով ճաշ ուտէ։ Անիկա ալ մտաւ եւ սեղան նստաւ։ Փարիսեցին երբ տեսաւ, զարմացաւ, որ ճաշէն առաջ չլուացուեցաւ։ Տէրը ըսաւ անոր. «Հիմա դուք՝ փարիսեցիներ, գաւաթին ու պնակին դուրսիդին կը մաքրէք, բայց ձեր ներսիդին յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։ Ա՛նխելքներ, ան որ դուրսինը ըրաւ, ներսինն ալ ինք չըրա՞ւ։ Սակայն անոնց մէջ եղածներէն ողորմութիւն տուէք եւ ահա ամէն բան մաքուր կ’ըլլայ ձեզի»։ «Բայց վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ անանուխին ու փեգենային եւ բոլոր խոտեղէններուն տասանորդը կը վճարէք, բայց զանց կ’ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք։ Վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները կը սիրէք ու շուկաներուն մէջ՝ բարեւները։ Վա՜յ ձեզի, կեղծա՛ւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ անյայտ գերեզմաններու նման էք, որոնց վրայէն մարդիկ կը քալեն ու չեն գիտեր»։ Օրինականներէն մէկը պատասխան տալով՝ ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, այդ խօսքերը ըսելով՝ մեզ ալ վար կը զարնես»։ Անիկա ըսաւ. «Ձեզի ալ վա՜յ օրինականներուդ, որ տանելու դժուար բեռներ կը բեռցնէք մարդոց ու դուք ձեր մէկ մատով այն բեռներուն չէք դպչիր։ Վա՜յ ձեզի, որ մարգարէներուն գերեզմաններ կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերը սպաննեցին զանոնք։ Ուրեմն կը վկայէք եւ հաւանութիւն կու տաք ձեր հայրերուն ըրածներուն. վասն զի իրենք սպաննեցին զանոնք ու դուք անոնց գերեզմաններ կը շինէք։ Անոր համար ալ Աստուծոյ իմաստութիւնը ըսաւ. ‘Պիտի ղրկեմ անոնց մարգարէներ ու առաքեալներ։ Անոնցմէ ոմանքը պիտի սպաննեն ու ոմանքը հալածեն, Որպէս զի աշխարհի սկիզբէն ի վեր թափուած բոլոր մարգարէներուն արիւնը այս ազգէն պահանջուի։ Աբէլին արիւնէն մինչեւ Զաքարիային արիւնը, որ սեղանին ու տաճարին մէջտեղ թափուեցաւ՝ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, այս ազգէն պիտի պահանջուի’։ Վա՜յ ձեզի օրինականներուդ, որ գիտութեան բանալին վերցուցիք. դուք չմտաք եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»։ Երբ այս բաները անոնց կ’ըսէր, դպիրներն ու փարիսեցիները սկսան խիստ նեղանալ եւ շատ բաներու վրայով անոր բերնէն խօսք փնտռել։ Անոր դարան պատրաստելով, կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս անոր բերնէն բան մը որսան, որպէս զի անոր վրայով ամբաստանութիւն ընեն։ Այն միջոցին երբ բիւրաւոր ժողովուրդներ վրան ժողվուեցան՝ գրեթէ մէկզմէկ կը կոխէին՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ամենէն առաջ ինքզինքնիդ զգոյշ պահեցէք փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն։ Վասն զի բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ չգիտցուի։ Ուստի ինչ որ մութ տեղը ըսիք, անիկա լոյս տեղը պիտի լսուի եւ այն որ ներքին սենեակներու մէջ ականջի խօսեցաք, տանիքներու վրայ պիտի քարոզուի»։ «Բայց ձեզի՝ իմ բարեկամներուս, կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն ու անկէ աւելի բան մը ընելու կարողութիւն չունին։ Հապա ձեզի ցուցնեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք. Անկէ վախցէք՝ որ սպաննելէ յետոյ իշխանութիւն ունի գեհեանը ձգելու։ Այո՛, կ’ըսեմ ձեզի, Անկէ վախցէք’։ Չէ՞ որ հինգ ճնճղուկ երկու դանկի կը ծախուի եւ անոնցմէ մէ՛կը մոռցուած չէ Աստուծոյ առջեւ։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են. ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի դուք շատ ճնճղուկներէ աւելի աղէկ էք»։ «Եւ ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ամէն ով որ զիս կը դաւանի մարդոց առջեւ, Որդին մարդոյ ալ զանիկա պիտի դաւանի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ։ Բայց ան որ զիս մարդոց առջեւ կ’ուրանայ, ինքն ալ պիտի ուրացուի Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ’։ ‘Ամէն ով որ Որդին մարդոյ դէմ բան ըսէ, պիտի ներուի անոր, բայց ան որ Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութիւն ընէ, պիտի չներուի անոր’։ Երբ ձեզ ժողովարանները եւ իշխանութիւններու ու պետութիւններու առջեւ տանելու ըլլան, հոգ մի՛ ընէք թէ ի՞նչպէս կամ ի՞նչ պատասխան պիտի տաք, կամ ի՞նչ պիտի ըսէք, Վասն զի Սուրբ Հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի նոյն ժամուն՝ ինչ որ պէտք է խօսիլ»։ Ժողովուրդին մէջէն մէկը ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ըսէ եղբօրս, որ մեզի ինկած ժառանգութիւնը ինծի հետ բաժնէ»։ Ան ալ ըսաւ անոր. «Մա՛րդ, ո՞վ զիս ձեր վրայ դատաւոր կամ բաժին ընող դրաւ»։ Եւ աւելցուց. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ Առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Հարուստ մարդու մը արտերը առատ բերքեր տուին։ Ան կը մտածէր ինքնիրեն ու կ’ըսէր. ‘Ի՞նչ ընեմ, վասն զի տեղ չունիմ, ուր իմ բերքերս ժողվեմ’։ Եւ ըսաւ. ‘Իմ ամբարներս քակեմ ա՛լ աւելի մեծը շինեմ եւ հոն ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս’. Եւ իմ անձիս ըսեմ. ‘Ո՛վ անձս, շատ բարիքներ ունիս շատ տարիներու համար ժողվուած. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ ուրախ եղի՛ր’։ Բայց Աստուած ըսաւ անոր. ‘Անմի՛տ, այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի. ուստի այն քու պատրաստած բաներդ որո՞ւ պիտի ըլլան’։ Այսպէս է անիկա, որ իր անձին համար գանձ կը դիզէ, բայց Աստուծոյ չի հարստանար»։ Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ մարմինին համար՝ թէ ի՞նչ պիտի հագնիք. Վասն զի կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը՝ հագուստէն։ Նայեցէ՛ք ագռաւներուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, որոնք ո՛չ շտեմարաններ ունին, ո՛չ ալ ամբարներ, բայց Աստուած զանոնք կը կերակրէ. դուք ո՜րչափ աւելի կ’արժէք թռչուններէն։ Ձեզմէ ո՞վ կրնայ իր հոգ ընելովը հասակին վրայ կանգուն մը աւելցնել։ Հապա եթէ ամենափոքր բանին կարող չէք, ուրիշ բաներու համար ինչո՞ւ հոգ կ’ընէք։ Նայեցէ՛ք շուշաններուն, ի՛նչպէս կ’աճին։ Ո՛չ կ’աշխատին եւ ո՛չ կը մանեն. բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէ՛կուն պէս չհագուեցաւ։ Ուստի եթէ խոտը, որ այսօր դաշտի մէջ է ու վաղը փուռը պիտի ձգուի, Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, ո՜րչափ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ։ Ալ դուք մի՛ փնտռէք թէ ի՞նչ պիտի ուտէք եւ ի՞նչ պիտի խմէք ու մի՛ շփոթիք. Վասն զի այդ բոլոր բաները աշխարհիս ազգերը կը փնտռեն։ Ձեր Հայրը գիտէ թէ ասոնք ձեզի պէտք են։ Բայց դուք Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ «Մի՛ վախնար, պզտկ հօտ, վասն զի ձեր հայրը հաճեցաւ, որ թագաւորութիւնը ձեզի տայ։ Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքը եւ ողորմութիւն տուէք. ու ձեզի չհիննալու քսակներ պատրաստեցէք, ու երկինքը՝ չպակսելու գանձ մը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ’ապականէ։ Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ»։ «Ձեր մէջքերը գօտեւորուած ըլլան ու ճրագները վառուած։ Դուք եղէք այն մարդոց նման՝ որոնք իրենց տիրոջը կը սպասեն, թէ ե՞րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն. որպէս զի երբ գայ եւ դուռը զարնէ, իսկոյն բանան անոր։ Երանի՜ այն ծառաներուն, որ երբ տէրը գայ՝ զանոնք արթուն պիտի գտնէ. ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ինք գօտին մէջքը պիտի կապէ ու սեղան նստեցնէ զանոնք եւ առաջ անցնելով սպասաւորութիւն պիտի ընէ անոնց։ Եթէ գիշերուան երկրորդ պահուն գայ, կամ երրորդ պահուն գայ ու արթուն գտնէ, երանելի են այն ծառաները։ Բայց այս գիտցէք, թէ՝ եթէ տանտէրը գիտնար թէ ո՞ր ատեն գողը կու գայ, արթուն կը կենար ու թող չէր տար որ իր տունը ծակէ։ Ուրեմն դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, այդ առակը մե՞զի կ’ըսես թէ ամենուն ալ»։ Տէրը ըսաւ. «Ուրեմն ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն տնտեսը, որ տէրը իր գերդաստանին վրայ պիտի դնէ, որպէս զի ատենին անոնց ուտելիքը տայ։ Երանի՜ է այն ծառային, որ իր տէրը եկած ատենը այնպէս ըրած պիտի գտնէ։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։ Հապա եթէ այն ծառան իր սրտին մէջ ըսէ. ‘Իմ տէրս իր գալը կ’ուշացնէ’ եւ սկսի ծառաները ու աղախինները ծեծել եւ ուտել ու խմել ու գինովնալ։ Այն ծառային տէրը պիտի գայ այնպիսի օր մը, որ չի սպասեր եւ այնպիսի ժամ մը, որ չի գիտեր եւ զանիկա մէջտեղէն պիտի կտրէ ու անոր բաժինը անհաւատարիմներուն հետ պիտի դնէ։ Այն ծառան որ իր տիրոջը կամքը գիտէ ու չի պատրաստուիր, ո՛չ ալ անոր կամքը ի գործ կը դնէ, շատ ծեծ պիտի ուտէ։ Բայց ան որ չի գիտեր ու ծեծի արժանի բան մը ընէ, քիչ ծեծ պիտի ուտէ։ Որու որ շատ տրուեցաւ, շատ պիտի ուզուի անկէ եւ որու որ աւելի յանձնուեցաւ, ա՛լ աւելի պիտի պահանջուի անկէ»։ «Ես կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ ու ի՞նչ կ’ուզեմ եթէ արդէն բորբոքած է։ Բայց մկրտութիւն մը ունիմ մկրտուելու եւ ի՜նչպէս կը տագնապիմ մինչեւ կատարուի։ Կը կարծէք թէ ես երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն ընելու եկայ. ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ո՛չ, հապա բաժանում’։ Վասն զի ասկէ ետք մէկ տան մէջ հինգը իրարմէ բաժնուած պիտի ըլլան, երեքը՝ երկուքէն ու երկուքը՝ երեքէն։ Հայրը պիտի բաժնուի որդիէն եւ որդին՝ հօրմէն, մայրը՝ աղջիկէն ու աղջիկը՝ մօրմէն, կեսուրը՝ իր հարսէն ու հարսը՝ իր կեսուրէն»։ Ըսաւ ժողովուրդին. «Երբ արեւմուտքի կողմէն ամպ մը ելած տեսնէք, շուտ մը կ’ըսէք թէ ‘Անձրեւ պիտի գայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ Ու երբ հարաւային հովը փչէ, կ’ըսէք թէ ‘Տաք պիտի ըլլայ’ եւ այնպէս ալ կ’ըլլայ։ Կե՛ղծաւորներ, երկրի ու երկնքի երեսը քննելը գիտէք, հապա այս ժամանակը ի՞նչպէս չէք քններ»։ «Եւ ինչո՞ւ դուք ձեզմէ չէք որոշեր իրաւունքը։ Երբ դուն քու ոսոխիդ հետ իշխանին երթալու ըլլաս, ճամբուն մէջ անկէ ազատուելու ջանք ըրէ, որ չըլլայ թէ քեզ դատաւորին առջեւ քաշէ ու դատաւորը դահիճին ձեռքը տայ քեզ ու դահիճն ալ բանտը դնէ։ Քեզի կ’ըսեմ, բնաւ պիտի չելլես անկէ, մինչեւ վերջին լուման չվճարես»։ Ոմանք այն ատեն ներկայ գտնուելով՝ պատմեցին անոր Գալիլիացիներուն մասին, որոնց արիւնը Պիղատոս իրենց զոհերուն հետ խառնեց։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը կարծէ՞ք թէ այն Գալիլիացիները բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որոնք այսպիսի բաներ քաշեցին»։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Կամ թէ այն տասնըութը հոգին, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ զանոնք մեռցուց. կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմի մէջ բնակած բոլոր մարդոցմէ աւելի պարտաւոր էին։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ոչ’. հապա եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։ Այս առակն ալ ըսաւ. «Մարդ մը իր այգիին մէջ տնկուած թզենի մը ունէր, եկաւ անկէ պտուղ քաղելու եւ չգտաւ։ Ուստի ըսաւ այգեպանին. ‘Ահա երեք տարի է, որ կու գամ այդ թզենիին վրայ պտուղ կը փնտռեմ ու չեմ գտներ, ա՛լ ատիկա կտրէ, ինչո՞ւ համար գետինը խափանէ’։ Անիկա պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. ‘Տէ՛ր, այս տարի ալ ատիկա թող տուր, մինչեւ ատոր բոլորտիքը բրեմ ու թրիք դնեմ Եւ եթէ պտուղ տայ՝ աղէկ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ ատիկա’»։ Շաբաթ օրը ժողովարաններէն մէկուն մէջ կը սորվեցնէր։ Հոն կին մը կար, որ հիւանդութեան ոգի մը ունէր տասնըութ տարիէ ի վեր ու կծկտած էր եւ ամենեւին չէր կրնար շիտակ կայնիլ։ Յիսուս զանիկա տեսնելով՝ իրեն կանչեց եւ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, դուն քու հիւանդութենէդ արձակուած ես»։ Ու ձեռքը անոր վրայ դրաւ եւ իսկոյն շտկուեցաւ ու փառք կու տար Աստուծոյ։ Ժողովարանին իշխանը բարկացաւ, որ Յիսուս շաբաթ օրը բժշկեց եւ ըսաւ ժողովուրդին. «Վեց օր կայ, որոնց մէջ կրնաք գործել. ուստի այն օրերը եկէք բժշկուեցէք, ոչ թէ շաբաթ օրը»։ Այն ատեն Տէրը պատասխան տուաւ անոր ու ըսաւ. « Կե՛ղծաւոր, ձեզմէ ամէն մէկը շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չա՞րձակեր, որպէս զի տանի ջուր տայ։ Հապա ասիկա որ Աբրահամի աղջիկ էր, որ ահա տասնըութ տարի Սատանան զանիկա կապած էր, չէ՞ր վայլեր որ շաբաթ օրը այն կապէն արձակուի»։ Երբ այս բանը ըսաւ, իրեն հակառակ կեցողները ամօթով մնացին ու բոլոր ժողովուրդը կ’ուրախանար այն ամէն փառաւոր գործերուն համար՝ որոնք ան կը կատարէր։ Յիսուս ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի կը նմանի, կամ ի՞նչ բանի նմանցնեմ անիկա։ Մանանեխի հատի նման է, որ մարդ մը առաւ իր պարտէզը ձգեց եւ աճեցաւ ու մեծ ծառ մը եղաւ ու երկնքի թռչունները անոր ճիւղերուն վրայ բնակեցան»։ Դարձեալ ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնեմ։ Խմորի նման է, որ կին մը առաւ, երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց, մինչեւ ամբողջը խմորուեցաւ»։ Յիսուս քաղաքները ու գիւղերը պտըտելով՝ կը սորվեցնէր։ Երբ դէպի Երուսաղէմ ճամբայ ելաւ, Մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քիչուո՞ր են անոնք որ պիտի փրկուին»։ Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Ջանք ըրէք որ նեղ դռնէն մտնէք, քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ շատեր մտնել պիտի ուզեն եւ պիտի չկրնան։ Անկէ յետոյ երբ տանտէրը ելլէ ու դուռը գոցէ եւ դուք դուրսը մնաք ու սկսիք դուռը զարնել եւ ըսել. ‘Տէ՛ր, Տէ՛ր, բաց մեզի’։ Ան ալ պատասխան տալով՝ պիտի ըսէ ձեզի. ‘Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք’։ Այն ատեն պիտի սկսիք ըսել. ‘Մենք քու առջեւդ կերանք ու խմեցինք եւ դուն մեր փողոցներուն մէջ սորվեցուցիր’։ Բայց անիկա պիտի ըսէ. ‘Ձեզի կ’ըսեմ, Ձեզ չեմ ճանչնար, ուրկէ՞ էք. մէկդի կեցէք ինծմէ, բոլոր անիրաւութիւն գործողներդ’։ Հոն պիտի ըլլայ լալ ու ակռաներ կրճտել, երբ տեսնէք Աբրահամը ու Իսահակը եւ Յակոբը ու բոլոր մարգարէները Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ու դուք դուրս մնացած։ Այնտեղ պիտի գան արեւելքէն ու արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն ու հարաւէն ու պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ։ Եւ պիտի գտնուին յետիններ՝ որոնք առաջիներ պիտի ըլլան ու առաջիններ՝ որոնք յետիններ պիտի ըլլան»։ Նոյն օրը մէկ քանի փարիսեցիներ եկան ու ըսին անոր. «Ելիր ու գնա ասկէ, վասն զի Հերովդէս քեզ սպաննել կ’ուզէ»։ Ինք ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, այն աղուէսին ըսէք, ահա ես դեւեր կը հանեմ ու բժշկութիւններ կը կատարեմ այսօր եւ վաղը ու երրորդ օրը պիտի լրացնեմ։ Միայն թէ պէտք է որ այսօր ու վաղը եւ միւս օրը պտըտիմ, վասն զի կարելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս կորսուի։ ‘Ով Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ մարգարէները կ’սպաննէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք։ Ահա ձեր տունը ձեզի աւերակ պիտի մնայ’։ Սակայն ձեզի կ’ըսեմ, թէ ‘Ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք’, մինչեւ գայ այն ժամանակը, որ պիտի ըսէք. ‘Օրհնեալ է ան, որ Տէրոջը անունովը կու գայ’»։ Յիսուս շաբաթ օր մը փարիսեցիներուն գլխաւորներէն մէկուն տունը մտաւ հաց ուտելու, ուր անոնք իրեն կը սպասէին։ Հոն ջրգողեալ մարդ մը ելաւ իր առջեւը։ Յիսուս խօսեցաւ օրինականներուն ու փարիսեցիներուն՝ ըսելով. «Արժա՞ն է շաբաթ օրը բժշկել»։ Անոնք լուռ կեցան։ Ինք բռնեց զանիկա, բժշկեց ու ճամբեց. Եւ դառնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ որո՞ւն էշը կամ եզը եթէ հորը իյնայ, չի հաներ զանիկա շաբաթ օրը»։ Անոնք չկրցան պատասխան տալ։ Առակ մը ըսաւ հրաւիրուած մարդոց ալ, երբ տեսաւ թէ ի՛նչպէս առաջին բազմոցները կ’ընտրէին. «Երբ մարդէ մը հարսանիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի՛ նստիր. չըլլայ թէ քեզմէ աւելի պատուաւոր մէկն ալ հրաւիրուած ըլլայ անկէ, Եւ ան որ քեզ ու զանիկա հրաւիրեց, գայ ու ըսէ քեզի. ‘Ասոր տեղ տուր’ եւ անկէ յետոյ սկսիս ամօթով յետին տեղը բռնել։ Հապա երբ հրաւիրուիս, գնա յետին տեղը նստէ. որպէս զի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, քեզի ըսէ. ‘Բա՛րեկամ, վեր հրամմէ’. այն ատեն քեզի հետ նստողներուն առջեւ քեզի փառք կ’ըլլայ։ Վասն զի ամէն ով որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ»։ Զինք հրաւիրողին ալ ըսաւ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես, մի՛ կանչեր քու բարեկամներդ, ո՛չ ալ քու եղբայրներդ եւ ո՛չ քու ազգականներդ, ո՛չ քու հարուստ դրացիներդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն ու քեզի հատուցում ըլլայ։ Հապա երբ հացկերոյթ կ’ընես՝ աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ Ու երանելի պիտի ըլլաս, վասն զի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել. քանզի արդարներուն յարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի»։ Սեղան նստողներէն մէկը, երբ լսեց այս խօսքը, ըսաւ անոր. «Երանի՜ անոր, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ հաց պիտի ուտէ»։ Ինք ըսաւ անոր. «Մարդ մը մեծ ընթրիք մը պատրաստեց ու շատ մարդիկ հրաւիրեց։ Որոշուած ատենը ղրկեց իր ծառան, որպէս զի հրաւիրեալները կանչէ. «Եկէ՛ք, վասն զի արդէն ամէն բան պատրաստ է»։ Ամէնքը սկսան ետ քաշուիլ։ Առաջինը անոր ըսաւ. «Ես արտ մը ծախու առի ու պէտք է որ ելլեմ տեսնեմ զանիկա. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ»։ Միւսը ըսաւ. «Հինգ զոյգ եզ ծախու առի, կ’երթամ որ զանոնք փորձեմ. կ’աղաչեմ քեզի, զիս հրաժարուած սեպէ»։ Միւսը ըսաւ. «Կին առի, անոր համար չեմ կրնար գալ»։ Ծառան եկաւ ու իր տիրոջը պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն բարկացաւ տանտէրը ու ըսաւ իր ծառային. «Շուտով քաղաքին հրապարակները ու փողոցները ելի՛ր եւ աղքատներն ու պակասաւորները եւ կաղերն ու կոյրերը հոս մտցուր»։ Պահ մը յետոյ ծառան եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, եղաւ ինչ որ հրամայեցիր, բայց տակաւին տեղ կայ»։ Տէրը ըսաւ ծառային. «Ելի՛ր, ճամբաներն ու ցանկերը եւ գտածներդ ստիպէ որ հոս մտնեն, որպէս զի տունս լեցուի։ Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, այն հրաւիրուածներէն մէկն ալ իմ ընթրիքիս համը պիտի չառնէ»։ Իրեն հետ շատ ժողովուրդ կ’երթային եւ դառնալով անոնց՝ ըսաւ. «Եթէ մէկը ինծի գայ, բայց չատէ իր հայրը եւ մայրը ու կինը եւ զաւակները ու եղբայրները եւ քոյրերը, նաեւ իր կեանքն ալ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։ Ով որ իր խաչը չի վերցներ ու իմ ետեւէս գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ։ Վասն զի ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞. Որ չըլլայ թէ երբ հիմը ձգէ ու չկրնայ լմնցնել, բոլոր տեսնողները սկսին զինք ծաղրել Եւ ըսել թէ ‘Այս մարդը սկսաւ շինել ու չկրցաւ լմնցնել’։ Կամ թէ ո՞ր թագաւորը ուրիշ թագաւորի մը հետ պատերազմելու երթալէ առաջ չի նստիր ու խորհիր, թէ արդեօք տասը հազարով կրնա՞յ դէմ կենալ անոր՝ որ քսան հազարով իր վրայ կու գայ։ Եթէ չի կրնար՝ քանի դեռ անիկա հեռու է, դեսպան ղրկելով խաղաղութիւն կը խնդրէ։ Ահա այսպէս ալ ձեր մէջէն ամէն մէկը եթէ իր բոլոր ստացուածքէն ետ չկենայ, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ»։ «Աղը աղէկ բան է. բայց եթէ իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի համովնայ։ Ո՛չ հողի ու ո՛չ թրիքի տեղ օգտակար կ’ըլլայ, հապա զանիկա դուրս կը նետեն։ Ան որ լսելու ականջ ունի՝ թող լսէ»։ Շատ մը մաքսաւորներ ու մեղաւորներ անոր կը մօտենային իրմէ լսելու համար։ Իսկ փարիսեցիներ ու դպիրներ տրտունջ կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ասիկա մեղաւորները կ’ընդունի ու անոնց հետ կ’ուտէ»։ Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ եթէ հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, իննսունըինը չի ձգեր անապատին մէջ ու այն կորսուածին ետեւէն երթար, մինչեւ զանիկա գտնէ։ Ու երբ գտնէ, ուրախանալով իր ուսերուն վրայ կը դնէ զանիկա Եւ տունը գալով, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները ու անոնց կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսուած ոչխարս գտայ’։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ այսպէս աւելի ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ, քան թէ իննսունըինը արդարներու համար՝ որոնց ապաշխարութիւն պէտք չէ»։ «Կամ թէ ո՞վ է այն կինը որ տասը դրամ ունենայ ու դրամ մը կորսնցնէ, ճրագ չի վառեր ու տանը մէջ աւել զարներ եւ զգուշութեամբ փնտռեր, մինչեւ գտնէ։ Ու երբ գտնէ, կը կանչէ բարեկամներն ու դրացիները եւ կ’ըսէ. ‘Ուրախ եղէք ինծի հետ, վասն զի իմ կորսնցուցած դրամս գտայ’։ Այնպէս ալ, ձեզի կ’ըսեմ, ուրախութիւն կ’ըլլայ Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ մէկ մեղաւորի համար, որ կ’ապաշխարէ»։ Ապա ըսաւ. «Մարդ մը երկու որդի ունէր. Անոնցմէ պզտիկը հօրը ըսաւ. ‘Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի իյնալու բաժինը տուր ինծի’։ Ան ալ բաժնեց անոնց իր ունեցածը։ Շատ օրեր չանցած՝ պզտիկ որդին բոլոր բաները հաւաքեց, հեռու երկիր մը գնաց եւ հոն անառակութեամբ ապրելով իր ունեցածը փճացուց։ Բոլոր ունեցածը հատցուցած էր, երբ երկրին մէջ սաստիկ սով մը եղաւ ու ինք չքաւոր դարձաւ։ Ուստի գնաց այն երկրին քաղաքացիներէն մէկուն քով մտաւ։ Ան ալ իր ագարակը ղրկեց զանիկա՝ խոզեր արածելու համար։ Հոն կը փափաքէր խոզերուն կերած եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց մէ՛կը չէր տար անոր։ Այն ատեն ինքզինքին գալով՝ ըսաւ. ‘Քանի՜ բանուորներ կան իմ հօրս տունը հացով լեցուած, ես հոս սովամահ կը կորսուիմ։ Ելլեմ, երթամ իմ հօրս եւ ըսեմ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ, Ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու, զիս քու վարձկաններէդ մէկուն պէս ըրէ’»։ Ու ելաւ իր հօրը գնաց։ Մինչդեռ ինք շատ հեռու էր, հայրը տեսաւ զանիկա ու գութը շարժեցաւ եւ վազելով՝ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա։ Որդին ալ ըսաւ անոր. ‘Հա՜յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու’։ Բայց հայրը ըսաւ իր ծառաներուն. ‘Հանեցէք առաջին պատմուճանը ու հագցուցէք անոր եւ մատանի դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ՝ անոր ոտքերը Եւ պարարտ զուարակը բերէք, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախ ըլլանք. Վասն զի այս իմ որդիս մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ’։ Սկսան ուրախութիւն ընել։ Անոր մեծ որդին ագարակն էր, երբ եկաւ ու տանը մօտեցաւ, նուագարաններու եւ պարերու ձայն լսեց։ Ծառաներէն մէկը իրեն կանչելով՝ հարցուց, թէ ‘Այս ի՞նչ է’։ Անիկա ալ ըսաւ անոր. ‘Եղբայրդ եկաւ ու հայրդ պարարտ զուարակը մորթեց, վասն զի ողջ առողջ ձեռք ձգեց զանիկա’։ Իսկ ինք բարկացաւ ու չէր ուզեր ներս մտնել, ուստի իր հայրը դուրս ելլելով կ’աղաչէր անոր։ Անիկա պատասխան տալով՝ ըսաւ հօրը. ‘Ահա այսչափ տարի է, որ քեզի կը ծառայեմ ու բնաւ քու խօսքէդ դուրս չելայ ու ինծի երբեք ուլ մը չտուիր, որ իմ բարեկամներուս հետ ուրախութիւն ընէի։ Բայց երբ եկաւ այդ քու որդիդ, որ քու ստացուածքդ բոզերու հետ կերաւ, անոր մորթեցիր պարարտ զուարակը’։ Եւ հայրը ըսաւ անոր. ‘Որդեակ, դուն միշտ ինծի հետ ես ու իմ բոլոր ունեցածս քուկդ է։ Սակայն պէտք է ուրախ ըլլալ եւ խնդալ, վասն զի այս քու եղբայրդ մեռած էր ու ողջնցաւ, կորսուած էր ու գտնուեցաւ’»։ Իր աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Հարուստ մարդ մը կար, որ տնտես մը ունէր։ Անոր վրայ գանգատ եղաւ իրեն՝ որպէս թէ իր ունեցածը կը փճացնէ։ Ուստի կանչեց զանիկա ու ըսաւ անոր. ‘Ի՞նչ է այս որ քեզի համար կը լսեմ։ Քու տնտեսութեանդ հաշիւը տուր, վասն զի ա՛լ չես կրնար տնտես ըլլալ’։ Տնտեսը իր մտքին մէջ ըսաւ. ‘Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ իմ տէրս տնտեսութիւնը ինծմէ կ’առնէ. հողագործութիւն չեմ կրնար ընել՝ ՝ մուրալու կ’ամչնամ։ Գիտեմ ի՛նչ պիտի ընեմ, որպէս զի երբ իմ տնտեսութենէս հանուիմ, զիս իրենց տունը ընդունին։ Իր տիրոջը պարտականները մէկիկ մէկիկ իրեն կանչելով՝ ըսաւ առաջինին. ‘Դուն իմ տիրոջս ո՞րչափ պարտք ունիս’։ Ան ալ ըսաւ. ‘Հարիւր մար ձէթ’։ Ըսաւ անոր. ‘Գիրդ առ ու շուտով նստէ յիսուն գրէ’։ Ետքը միւսին ըսաւ. ‘Դո՞ւն որչափ պարտք ունիս’։ Անիկա ըսաւ. ‘Հարիւր քոռ ցորեն’։ Ըսաւ անոր. ‘Գիրդ առ եւ ութսուն գրէ’։ Տէրը անիրաւ տնտեսը գովեց, որ խելացութիւնով ըրաւ. վասն զի այս աշխարհին որդիները իրենց ցեղին մէջ՝ լուսոյ որդիներէն աւելի խելացի են»։ Ես ալ ձեզի կ’ըսեմ. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէս զի երբ անիկա պակսի՝ ՝ ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին»։ «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ եւ ան որ քիչի մէջ անիրաւ է, շատի մէջ ալ անիրաւ կ’ըլլայ։ Ուստի եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի հաւատայ ձեզի։ Եթէ օտարին բանին մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ձերը ո՞վ պիտի տայ ձեզի։ Ծառայ մը չի կրնար երկու տէրերու ծառայութիւն ընել, վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի՝ ՝ եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային»։ Փարիսեցիներն ալ, որոնք արծաթասէր էին, այս ամէնը լսելով կը քամահրէին զանիկա։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք էք որ մարդոց առջեւ ինքզինքնիդ կ’արդարացնէք, բայց Աստուած գիտէ ձեր սրտերը. վասն զի մարդոց մէջ բարձր եղածը Աստուծոյ առջեւ պիղծ է։ Օրէնքը ու մարգարէները մինչեւ Յովհաննէս էին. անկէ յետոյ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը քարոզուի եւ ամէն մէկը անոր մէջ մտնելու կ’արտորայ։ Աւելի դիւրին է, որ երկինք ու երկիր անցնին, քան թէ օրէնքէն մէկ նշանագիր իյնայ։ Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ եւ ով որ էրիկէն արձակուած կին մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ»։ «Հարուստ մարդ մը կար, որ ծիրանի ու բեհեզ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւորապէս ուրախութիւն կ’ընէր։ Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար վէրքերով լեցուն, որ անոր դրանը առջեւ դրուած էր։ Ան կը փափաքէր հարուստին սեղանէն ինկած փշրանքներէն իր փորը լեցնել։ Շուները կու գային եւ անոր վէրքերը կը լզէին։ Աղքատը մեռաւ ու հրեշտակները Աբրահամի գոգը տարին զանիկա։ Հարուստն ալ մեռաւ ու թաղուեցաւ։ Երբ դժոխքը՝ տանջանքի մէջ էր հարուստը՝ իր աչքերը վերցնելով հեռուէն տեսաւ Աբրահամը ու Ղազարոսը անոր գոգը հանգիստ նստած ։ Այն ատեն աղաղակեց ու ըսաւ. ‘Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ ինծի ու ղրկէ Ղազարոսը, որպէս զի իր մատին ծայրը ջուրը թաթխէ ու զովացնէ իմ լեզուս, վասն զի այս բոցին մէջ կը տանջուիմ’։ Աբրահամ ըսաւ. ‘Ո՛րդեակ, միտքդ բեր, որ դուն քու կեանքիդ մէջ քու բարիքներդ առիր, նոյնպէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա անիկա [հոս] կը մխիթարուի ու դուն կը տանջուիս։ Այս ամէն բաներէն զատ՝ մեր ու ձեր մէջտեղ մեծ անդունդ մը կայ հաստատուած, որպէս զի ձեզի անցնիլ ուզողները չկրնան, ոչ ալ ատկէ մեզի գալ ուզողները ՝ անցնին’։ Ան ալ ըսաւ. ‘Ուրեմն կ’աղաչեմ քեզի, հա՛յր, որ զանիկա իմ հօրս տունը ղրկես, Քանզի հինգ եղբայր ունիմ, որպէս զի երթայ անոնց վկայութիւն տայ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ այս չարչարանքին տեղը գան’։ Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Անոնք Մովսէսն ու մարգարէները ունին, թող անոնց մտիկ ընեն’։ Ան ալ ըսաւ. ‘Ո՛չ, հա՛յր Աբրահամ, հապա եթէ մեռելներէն մէկը անոնց երթայ, պիտի ապաշխարեն’։ Աբրահամ ըսաւ անոր. ‘Եթէ Մովսէսին ու մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, ուրեմն մեռելներէն մէկը յարութիւն առնելու ալ ըլլայ, պիտի չհամոզուին’»։ Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չի գան. բայց վա՜յ անոր, որուն ձեռքով կու գան։ Աւելի աղէկ է, որ անոր պարանոցէն իշու ջաղացքի քար մը կախուի ու ծովը ձգուի, քան թէ այս պզտիկներէն մէկը գայթակղեցնէ։ Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն։ Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, յանդիմանէ զանիկա։ Եթէ ապաշխարէ, ներէ անոր։ Եթէ օրը եօթը անգամ քեզի դէմ մեղանչէ ու օրը եօթը անգամ դառնայ քեզի ու ըսէ. ‘Կ’ապաշխարեմ’, պէտք է ներես անոր»։ Առաքեալները ըսին Տէրոջը. «Մեր հաւատքը աւելցուր»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենայիք, այս թթենիին կրնայիք ըսել. ‘Արմատաքի խլուէ ու ծովուն մէջ տնկուէ’, ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի»։ «Բայց ձեզմէ ո՞վ է այն մարդը, որ ունենայ երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, որ անիկա երբ ագարակէն տուն մտնէ, շուտով ըսէ անոր թէ՝ ‘Անցիր սեղան նստէ’։ Հապա չը՞սեր անոր թէ՝ ‘Պատրաստէ իմ ընթրիքս ու գօտիդ կապած ինծի սպասաւորութիւն ըրէ, մինչեւ ես ուտեմ ու խմեմ ու ետքը դուն ալ կեր ու խմէ’։ Միթէ շնորհակա՞լ կ’ըլլայ այն ծառային, իրեն հրամայուած բաները կատարելուն համար։ Չեմ կարծեր։ Նոյնպէս դուք, երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’»։ Երբ Յիսուս Երուսաղէմ կ’երթար, Սամարիայի եւ Գալիլիայի մէջտեղէն անցաւ։ Երբ գիւղ մը պիտի մտնէր, տասը բորոտ մարդիկ հանդիպեցան անոր, որոնք հեռուն կայնեցան, Ձայներնին վերցուցին ու ըսին. «Յիսո՛ւս վարդապետ, ողորմէ մեզի»։ Տեսնելով՝ անոնց ըսաւ. «Գացէք դուք ձեզ քահանաներուն ցուցուցէք»։ Երբ կ’երթային, մաքրուեցան։ Անոնցմէ մէկը, երբ տեսաւ թէ բժշկուեցաւ, ետ դարձաւ ու մեծ ձայնով փառք կու տար Աստուծոյ Ու երեսի վրայ անոր ոտքը իյնալով՝ շնորհակալ կ’ըլլար անոր։ Ինք Սամարացի էր։ Յիսուս ըսաւ. «Չէ՞ որ տասն ալ մաքրուեցան, իսկ այն ինը ո՞ւր են։ Այս օտարազգիէն զատ ուրիշներ չգտնուեցա՞ն՝ որ դառնալով Աստուծոյ փառք տային»։ Եւ ըսաւ անոր. «Ելի՛ր, գնա՛, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Երբ փարիսեցիները իրեն հարցուցին՝ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ», պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը դրսէն երեւցած բաներով չի գար։ Օր մըն ալ պիտի չըսեն թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսի դին է»։ Աշակերտներուն ալ ըսաւ. «Օրեր պիտի գան երբ դուք Որդի մարդոյ օրերէն մէկը տեսնելու պիտի փափաքիք ու պիտի չտեսնէք։ Եւ եթէ ըսեն ձեզի թէ ‘Ահա հոս է’, կամ ‘Ահա՝ հոն’, մի՛ երթաք ու անոնց մի՛ հետեւիք։ Վասն զի ինչպէս փայլակը երկնքին տակ մէկ դիէն փայլատակելով՝ մինչեւ երկնքի տակ միւս դին լոյս կու տայ, նոյնպէս պիտի ըլլայ Որդին մարդոյ իր գալուն օրը։ Միայն թէ պէտք է որ ինք առաջ չարչարանքներ կրէ ու մերժուի այս ազգէն. Ինչպէս Նոյին օրերը եղաւ, այնպէս պիտի ըլլայ Որդի մարդոյ օրերն ալ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին, էրկան կը տրուէին, մինչեւ այն օրը՝ որ Նոյ տապանը մտաւ եւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը կորսնցուց։ Նմանապէս՝ ինչպէս Ղովտին օրերը եղաւ։ Կ’ուտէին, կը խմէին, ծախու կ’առնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին. Բայց այն օրը երբ Ղովտ Սոդոմէն ելաւ, երկնքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բոլորն ալ կորսնցուց։ Նոյնպէս պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Որդին մարդոյ յայտնուի։ Այն օրը ան որ տանիքին վրայ է եւ իր կարասիները տանը մէջ, թող վար չիջնէ զանոնք առնելու եւ ան որ արտին մէջ է, նոյնպէս թող ետ չդառնայ։ Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը։ Ով որ իր կեանքը կ’ուզէ ապրեցնել՝ պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ կը կորսնցնէ՝ պիտի ապրեցնէ զանիկա։ Ձեզի կ’ըսեմ. ‘Այն գիշերը եթէ երկու հոգի մէկ անկողնի մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. Եւ եթէ երկու կին մէկտեղ աղալու ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի. եւ եթէ երկու հոգի արտի մը մէջ ըլլան, մէկը պիտի առնուի ու միւսը ձգուի’»։ Պատասխան տալով՝ ըսին անոր. «Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի ըլլայ այս բանը »։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ուր մարմին կայ, հոն պիտի ժողվուին արծիւները»։ Անոնց առակ մըն ալ ըսաւ այս բանին վրայով՝ թէ պէտք է ամէն ատեն աղօթք ընել ու չձանձրանալ։ Ըսաւ. «Դատաւոր մը կար քաղաքի մը մէջ, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդէ չէր ամչնար։ Եւ նոյն քաղաքին մէջ որբեւարի մըն ալ կար, որ անոր կու գար ու կ’ըսէր. ‘Իրաւունք ըրէ ինծի ու ազատէ զիս իմ ոսոխէս’։ Ժամանակ մը դատաւորը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար, Գոնէ այս որբեւարիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չի գայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ’»։ Տէրը ըսաւ. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։ Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ. բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ Մէկ քանիներուն՝ որոնք իրենց անձերուն վրայ կը վստահէին՝ թէ արդար են եւ ուրիշները կ’անարգէին՝ այս առակը ըսաւ. «Երկու մարդ գացին տաճարը՝ աղօթք ընելու։ Մէկը փարիսեցի ու միւսը՝ մաքսաւոր։ Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. ‘Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս, Հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ’։ Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ‘Ա՛ստուած, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս’։ Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը գնաց, վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ»։ Մանր տղաք ալ բերին իրեն, որպէս զի անոնց դպչի։ Աշակերտները տեսնելով՝ կը յանդիմանէին զանոնք։ Բայց Յիսուս զանոնք իրեն կանչելով՝ ըսաւ. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք, վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է։ Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Ով որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պզտիկ տղու մը պէս չընդունի, բնաւ պիտի չմտնէ անոր մէջ»։ Իշխան մը հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ գործ գործեմ, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած։ Պատուիրանքները գիտես. Շնութիւն մի՛ ըներ, Սպաննութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ Ան ալ ըսաւ. «Ատոնք մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»։ Այս լսելով Յիսուս ըսաւ անոր. «Բան մը պակաս է քեզի. քու բոլոր ունեցածդ ծախէ եւ աղքատներուն բաշխէ ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս եւ եկուր իմ ետեւէս»։ Անիկա երբ այս բանը լսեց, տրտմեցաւ, վասն զի շատ հարուստ էր։ Յիսուս, երբ զանիկա տրտմած տեսաւ, ըսաւ. «Որչա՜փ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին։ Քանզի աւելի դիւրին է, որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։ Անոնք, որ լսեցին, ըսին. «Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ»։ Ինք ըսաւ. «Մարդոց կողմէ անկարելի եղած բաները Աստուծոյ կողմէ կարելի են»։ Պետրոս ըսաւ. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մարդ մը չկայ որ թողու տուն, կամ ծնողք, կամ եղբայրներ, կամ կին, կամ որդիներ Աստուծոյ թագաւորութեանը համար, Եւ բազմապատիկը չառնէ այս աշխարհին մէջ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’»։ Տասներկուքը իր քով առնելով՝ ըսաւ անոնց. «Ահա մենք Երուսաղէմ կ’ելլենք եւ մարգարէներուն ձեռքով Որդի մարդոյ համար բոլոր գրուածները պիտի կատարուին։ Վասն զի հեթանոսներուն պիտի մատնուի ու ծաղր պիտի ըլլայ եւ պիտի նախատուի ու պիտի թքնեն անոր վրայ Եւ պիտի ծեծեն ու սպաննեն զանիկա, բայց երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ»։ Անոնք այս բաներէն մէկն ալ չհասկցան։ Ու այս խօսքը անոնցմէ ծածկուած էր եւ ըսած բաները չէին իմանար։ Օր մը երբ ինք Երիքովի կը մօտենար, կոյր մը ճամբուն քով նստեր էր մուրալու։ Երբ լսեց բազմութեանը անցնիլը, հարցուց թէ ‘Ի՞նչ է այն’։ Իրեն ըսին թէ ‘Յիսուս Նազովրեցին կ’անցնի’։ Ան ալ աղաղակեց ու ըսաւ. «Յիսո՛ւս, Որդի՛ Դաւթի, ողորմէ ինծի»։ Անոնք որ առջեւէն կ’երթային, կը յանդիմանէին զանիկա, որպէս զի լռէ, բայց անիկա ալ աւելի կ’աղաղակէր. «Որդի՛ Դաւթի, ողորմէ՛ ինծի»։ Յիսուս կանգ առնելով՝ հրաման ըրաւ որ զանիկա իրեն բերեն ու երբ անիկա մօտեցաւ, հարցուց անոր ու ըսաւ. «Ի՞նչ կ’ուզես որ քեզի ընեմ»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Տէր, կ’ուզեմ որ աչքերս բացուին»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Թող բացուին. քու հաւատքդ քեզ բժշկեց»։ Եւ իսկոյն անոր աչքերը բացուեցան ու անոր ետեւէն կ’երթար եւ փառք կու տար Աստուծոյ։ Բոլոր ժողովուրդն ալ տեսնելով՝ Աստուած կը գովաբանէին։ Օր մը Յիսուս Երիքովի մէջէն կ’անցնէր։ Ահա մարդ մը, Զաքէոս անունով, որ մաքսապետ ու հարուստ էր, Կ’ուզէր տեսնել թէ ո՞վ է Յիսուսը։ Բազմութենէն չէր կրնար, վասն զի հասակով կարճ էր։ Ուստի յառաջ վազեց ու ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ, որպէս զի զանիկա տեսնէ, քանի որ անկէ պիտի անցնէր։ Երբ Յիսուս այն տեղը եկաւ, վեր նայելով զանիկա տեսաւ ու ըսաւ անոր. «Զա՛քէոս, շո՛ւտ ըրէ, ատկէ վար իջիր, վասն զի այսօր քու տունդ պիտի կենամ»։ Ան ալ արտորալով վար իջաւ եւ ուրախութեամբ ընդունեց զանիկա։ Երբ ամէնքն ալ տեսան, կը տրտնջէին ու կ’ըսէին թէ՝ ‘Մեղաւոր մարդու քով մտաւ իջեւան ընելու’։ Զաքէոս կայնեցաւ ու ըսաւ Տէրոջը. «Տէ՛ր, ահա իմ ունեցածիս կէսը աղքատներուն կու տամ ու եթէ զրպարտութեամբ մէկուն զրկանք ըրած եմ, չորեքպատիկ կը հատուցանեմ անոր »։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսօր այս տանը փրկութիւն եղաւ, քանզի ասիկա ալ Աբրահամի որդի է։ Վասն զի Որդին մարդոյ եկաւ որպէս զի կորսուածը փնտռէ ու փրկէ»։ Երբ անոնք այս բաները կը լսէին, առակ մըն ալ ըսաւ իր Երուսաղէմ մօտենալուն եւ անոնց այնպէս կարծելուն համար թէ՝ շուտ մը Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի յայտնուի։ Ուստի ըսաւ. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւնը առնելու եւ դառնալու։ Իր տասը ծառաները կանչելով՝ իւրաքանչիւրին տասը մնաս տուաւ ու ըսաւ անոնց. ‘Բանեցուցէք ատոնք մինչեւ ես գամ’։ Անոր քաղաքացիները զանիկա կ’ատէին ու դեսպաններ ղրկեցին անոր ետեւէն, ըսելով թէ՝ ‘Չենք ուզեր որ ատիկա մեր վրայ թագաւորութիւն ընէ’։ Բայց երբ անիկա թագաւորութիւնը առնելով ետ դարձաւ, իրեն կանչեց այն ծառաները, որոնց ստակը տուեր էր, որպէս զի գիտնայ թէ՝ ո՞վ ինչ շահ ըրած է։ Առաջինը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մնասդ տասը մնաս շահ ըրաւ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Ապրի՛ս, բարի ծառայ. որովհետեւ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, տասը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր»։ Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, քու մնասդ հինգ մնաս շահ ըրաւ»։ Եւ ըսաւ անոր. «Դուն ալ հինգ քաղաքի վրայ եղիր»։ Ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա քու մնասդ՝ որ թաշկինակի մը մէջ ծրարած կը պահէի. Քանզի կը վախնայի քեզմէ, վասն զի դուն խիստ մարդ մըն ես, չդրած բանդ կը վերցնես ու չսերմանածդ կը հնձես»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Քու բերնովդ քեզ պիտի դատեմ, ո՛վ չար ծառայ. գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, չդրած բանս կը վերցնեմ ու չսերմանածս կը հնձեմ, Ինչո՞ւ համար իմ ստակս սեղանաւորներուն չտուիր, որպէս զի ես եկած ատենս շահովը առնէի զանիկա»։ Հոն կայնողներուն ըսաւ. «Առէք ատկէ մնասը ու տուէք անոր որ տասը մնաս ունի». (Եւ ըսին իրեն, Տէ՛ր, անիկա տասը մնաս ունի.) «Քանզի կ’ըսեմ ձեզի, թէ ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողին ունեցածն ալ անկէ պիտի առնուի։ Բայց իմ այն թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց վրայ թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք ու իմ առջեւս սպաննեցէք»։ Այս բաները խօսելէն յետոյ՝ յառաջ գնաց Երուսաղէմ երթալու։ Երբ Բեթփագէի ու Բեթանիայի մօտեցաւ՝ դէպի այն լեռը որ Ձիթենեաց լեռ կը կոչուի, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց Եւ ըսաւ. «Գացէք մեր դիմացի գիւղը, անոր մէջ մտնելնուդ պէս պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ բնաւ մարդ նստած չէ. արձակեցէք զանիկա ու բերէք։ Եթէ մէկը ձեզի հարցնէ թէ ‘Ինչո՞ւ կ’արձակէք’, ըսէք անոր թէ ‘Տէրոջը պէտք է’»։ Գացին անոնք որ ղրկուեցան, ինչպէս իրենց ըսած էր՝ գտան։ Երբ աւանակը կ’արձակէին, անոր տէրերը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ կ’արձակէք այդ աւանակը»։ Անոնք ալ ըսին. «Տէրոջը պէտք է»։ Զանիկա Յիսուսին բերին ու իրենց հանդերձները աւանակին վրայ ձգելով՝ Յիսուսը հեծցուցին։ Երբ կ’երթար, իրենց հանդերձները ճամբուն վրայ կը փռէին։ Երբ աւելի մօտեցաւ եւ Ձիթենեաց լերան զառիվարէն կ’իջնէր, աշակերտներուն բոլոր բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ Աստուած օրհնել բարձր ձայնով՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար որոնք տեսեր էին. Ու կ’ըսէին. «Օրհնեալ է թագաւորը, որ Տէրոջը անունովը կու գայ. երկնքի մէջ խաղաղութիւն ու փառք՝ բարձրութեան մէջ»։ Բազմութեանը մէջէն փարիսեցիներէն մէկ քանիները ըսին անոր. «Վա՛րդապետ, այդ քու աշակերտներդ յանդիմանէ»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզի կ’ըսեմ, եթէ ատոնք լուռ կենան, քարերը պիտի աղաղակեն»։ Երբ մօտեցաւ, քաղաքը տեսնելով՝ լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ. «Գոնէ այս քու օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ քու աչքերէդ։ Վասն զի օրեր պիտի գան քու վրադ՝ երբ թշնամիներդ քու բոլորտիքդ պատնէշ պիտի շինեն ու քեզ պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ քեզ նեղը պիտի ձգեն Եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ եւ ամենեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն քու մէջդ, քանի որ չճանչցար քու այցելութեանդ ժամանակը»։ Եւ տաճարը մտնելով՝ սկսաւ դուրս հանել անոր մէջ ծախողները եւ գնողները Եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է թէ՝ ‘Իմ տունս աղօթքի տուն է’. բայց դուք ատիկա աւազակներու այր ըրիք»։ Ամէն օր տաճարին մէջ կը սորվեցնէր եւ քահանայապետներն ու դպիրները եւ ժողովուրդին գլխաւորները կ’ուզէին կորսնցնել զանիկա։ Բայց բան չէին կրնար ընել, վասն զի բոլոր ժողովուրդը անոր կապուեր էր մտիկ ընելու։ Օր մը, երբ տաճարին մէջ ժողովուրդին կը սորվեցնէր եւ աւետարանը կը քարոզէր, քահանայապետներն ու դպիրները ծերերուն հետ մէկտեղ վրայ հասան Եւ անոր հետ խօսեցան՝ ըսելով. «Ըսէ մեզի, ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընես այդ բաները. կամ ո՞վ է այդ իշխանութիւնը քեզի տուողը»։ Պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի բան մը հարցնեմ եւ ըսէք ինծի. ‘Յովհաննէսին մկրտութիւնը երկնքէ՞ն էր թէ մարդոցմէ’»։ Անոնք իրենց մէջ խորհեցան ու ըսին. «Եթէ ըսենք՝ ‘Երկնքէն’, պիտի ըսէ, ‘Հապա ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր’. իսկ եթէ ըսենք՝ ‘Մարդոցմէ’, բոլոր ժողովուրդը մեզ պիտի քարկոծեն, վասն զի հաստատ համոզուած էին թէ՝ Յովհաննէս մարգարէ էր»։ Պատասխան տուին թէ չեն գիտեր ուրկէ՛ էր։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՞նչ իշխանութիւնով կ’ընեմ այս բաները»։ Յիսուս այս առակը ըսաւ ժողովուրդին. «Մարդ մը այգի տնկեց եւ զանիկա մշակներու յանձնեց ու ինք օտար երկիր երթալով՝ շատ ժամանակ մնաց։ Ատենին՝ ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէս զի այգիին պտուղէն անոր տան. իսկ մշակները ծեծեցին զանիկա ու պարապ ճամբեցին։ Ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց. անոնք զանիկա ալ ծեծեցին, անարգեցին ու պարապ ճամբեցին։ Երրորդ մըն ալ ղրկեց. անոնք զանիկա ալ վիրաւորեցին ու դուրս հանեցին։ Այն ատեն այգիին տէրը ըսաւ. ‘Ի՞նչ ընեմ, իմ սիրելի որդիս ղրկեմ, թերեւս զանիկա տեսնելով ամչնան’։ Բայց մշակները երբ տեսան զանիկա, իրարու հետ խորհուրդ ըրին՝ ըսելով. ‘Ասիկա է ժառանգորդը, եկէք զանիկա սպաննենք, որպէս զի ժառանգութիւնը մեզի մնա’։ Զանիկա այգիէն դուրս հանեցին ու սպաննեցին։ Ուստի այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ անոնց։ Պիտի գայ ու կորսնցնէ այն մշակները եւ այգին ուրիշներու պիտի տայ»։ Երբ այս լսեցին, ըսին. «Քա՛ւ լիցի»։ Ինք անոնց նայելով՝ ըսաւ. «Հապա ի՞նչ է այս գրուածը, թէ ‘Այն քարը որ շինողները մերժեցին, անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ’։ Ամէն ով որ այն քարին վրայ իյնայ, պիտի կոտրտի եւ որու վրայ որ իյնայ, պիտի փսորէ զանիկա»։ Քահանայապետներն ու դպիրները կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս նոյն ժամուն ձեռք զարնեն անոր, բայց ժողովուրդէն վախցան. քանզի իմացան որ այն առակը իրենց համար ըսաւ։ Ետքը յարմար ատենի սպասելով, ղրկեցին քանի մը խաբեբայ մարդիկ, որոնք կեղծաւորութեամբ ինքզինքնին արդար կը ձեւացնէին, որպէս զի զանիկա խօսքով բռնեն՝ տէրութեան եւ կուսակալին իշխանութեանը մատնելու համար։ Անոր հարցուցին՝ ըսելով. «Վա՛րդապետ, գիտենք որ ճշմարտախօս ես եւ աչառութիւն չես ըներ, հապա ճշմարտութեամբ Աստուծոյ ճամբան կը սորվեցնես։ Օրինաւո՞ր է կայսրին տուրք տալը։ Յիսուս անոնց խորամանկութիւնը հասկնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք։ Ցուցուցէք ինծի դահեկան մը։ Որո՞ւն պատկերը ու գիրը կան վրան »։ Պատասխան տուին ու ըսին. «Կայսրին»։ Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Ուրեմն զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք »։ Եւ չկրցան զանիկա խօսքով մը բռնել ժողովուրդին առջեւ ու զարմանալով անոր պատասխանին վրայ՝ լուռ կեցան։ Սադուկեցիներէն ոմանք եկան (որոնք կ’ըսէին թէ յարութիւն չկայ,) եւ անոր հարցուցին՝ Ըսելով. «Վա՛րդապետ, Մովսէս մեզի գրեց. ‘Եթէ մէկուն եղբայրը ամուսնանայ ու մեռնի ու մեռած ատենը զաւակ չունենայ, անոր եղբայրը առնէ այն կինը եւ իր եղբօրը զաւակ տայ’։ Արդ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը կին մը առնելով՝ զաւակ չունեցած մեռաւ։ Երկրորդն ալ առաւ այն կինը եւ ինք ալ մեռաւ առանց զաւակի։ Երրորդն ալ առաւ զանիկա. նմանապէս եօթն ալ ու զաւակ չձգեցին ու մեռան։ Ամենէն ետքը կինն ալ մեռաւ։ Ուրեմն յարութեան ատենը անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ, վասն զի եօթն ալ զանիկա կին ունեցան»։ Յիսուս պատասխան տալով անոնց՝ ըսաւ. «Այս աշխարհին որդիները կին կ’առնեն ու էրկան կը տրուին։ Բայց անոնք որ արժանի պիտի ըլլան մեռելներէն յարութիւն առնելու ու այն աշխարհը հասնելու, ո՛չ կին պիտի առնեն եւ ո՛չ էրկան պիտի տրուին. Որովհետեւ ա՛լ չեն կրնար մեռնիլ. քանզի հրեշտակներուն հաւասար են ու Աստուծոյ որդիներ եւ յարութեան որդիներ են։ Բայց մեռելներուն յարութիւն առնելը Մովսէս ալ իմացուց մորենիին պատմութեանը մէջ, երբ կը կոչէ. ‘Տէրը՝ Աբրահամին Աստուածը ու Իսահակին Աստուածը եւ Յակոբին Աստուածը’։ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա կենդանիներուն, վասն զի ամէնքը անոր կենդանի են»։ Դպիրներէն մէկ քանին պատասխան տուին ու ըսին. «Վա՛րդապետ, աղէկ ըսիր»։ Ու ա՛լ մէկը չէր համարձակիր անոր բան մը հարցնել։ Բայց ըսաւ անոնց. «Ի՞նչպէս կ’ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթին որդին է։ Երբ Դաւիթ սաղմոսներու գրքին մէջ կ’ըսէ. «Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. ‘Նստէ իմ աջ կողմս, Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Ուրեմն քանի որ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա իր որդին կ’ըլլայ»։ Բոլոր ժողովուրդին առջեւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ’ուզեն փառաւոր հանդերձներով պտըտիլ եւ շուկաներուն մէջ բարեւներ կը սիրեն ու ժողովարաններուն մէջ՝ առաջին աթոռները եւ ընթրիքներու մէջ՝ առաջին բազմոցները. Անոնք որբեւարիներուն տուները կ’ուտեն ու մարդոց երեւնալու համար աղօթքը կ’երկնցնեն. անոնք աւելի դատապարտութիւն պիտի ընդունին»։ Յիսուս տեսաւ հարուստներ, որոնք իրենց ընծաները գանձանակը կը ձգէին։ Տնանկ որբեւարի մըն ալ տեսաւ, որ հոն երկու լումայ ձգեց։ Ըսաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս աղքատ որբեւարին ամենէն աւելի ձգեց. Վասն զի անոնք իրենց աւելցածէն Աստուծոյ ընծաներուն մէջ ձգեցին, բայց ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց»։ Երբ մէկ քանիները տաճարին համար կ’ըսէին թէ՝ ‘Գեղեցիկ քարերով ու նուէրներով զարդարուած է’, Ըսաւ. «Այդ բաները որոնք կը տեսնէք, օրեր պիտի գան երբ քար մը քարի վրայ պիտի չմնայ որ չքակուի»։ Հարցուցին իրեն ու ըսին. «Վա՛րդապետ, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ ի՞նչ է նշանը՝ երբ այդ բաները պիտի ըլլան»։ Ան ալ ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք, չխաբուիք, վասն զի շատերը պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ՝ ‘Ես եմ Քրիստոսը ու ժամանակը մօտեցած է’. ուստի անոնց ետեւէն մի երթաք։ Բայց երբ լսէք պատերազմներ եւ խռովութիւններ, մի՛ վախնաք, վասն զի պէտք է առաջ այդ բաները ըլլան, բայց վախճանը իսկոյն չէ»։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ. Եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ, նաեւ երկնքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան։ Բայց այս բաներէն առաջ իրենց ձեռքերը ձեզի պիտի զարնեն ու հալածեն եւ ժողովարաններու ու բանտերու պիտի մատնեն եւ իմ անուանս համար թագաւորներու ու կուսակալներու առջեւ պիտի տարուիք։ Եւ այս բաները վերջը ձեզի վկայութիւն պիտի ըլլան։ Ուստի ձեր սրտին մէջ դրէք՝ որ առաջուընէ չմտածէք պատասխան տալու վրայով։ Վասն զի ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները։ Պիտի մատնուիք ծնողներէ ու եղբայրներէ եւ ազգականներէ ու բարեկամներէ ու ձեզմէ ոմանքը պիտի սպաննուին։ Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. Բայց մազ մը ձեր գլխէն պիտի չկորսուի։ Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։ «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է։ Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ։ Վասն զի այն օրերը ՝ վրէժխնդրութեան օրեր են, որպէս զի բոլոր գրուածները կատարուին։ Բայց վա՜յ այն օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն, վասն զի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ երկրի վրայ ու բարկութիւն պիտի գայ այս ժողովուրդին վրայ։ Եւ սուրի բերնով պիտի իյնան ու բոլոր ազգերուն մէջ գերի պիտի տարուին ու Երուսաղէմ ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն ժամանակները լմննան»։ «Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան. Մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ Այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով։ Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է»։ Առակ մը ըսաւ անոնց. «Տեսէք թզենին ու բոլոր ծառերը։ Երբ բողբոջին, տեսնելով՝ դուք ձեզմէ կ’իմանաք թէ ալ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս բաները եղած տեսնէք, գիտցէք թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է։ ‘Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ այս ազգը պիտի չանցնի, մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան’։ Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։ «Իսկ դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։ Յիսուս ցորեկները տաճարին մէջ կը սորվեցնէր. իսկ գիշերները կ’ելլէր Ձիթենեաց ըսուած լեռը կը կենար։ Բոլոր ժողովուրդը առտուն կանուխ իրեն կ’երթային տաժարը՝ իր խօսքերը լսելու։ Բաղարջակերաց տօնը մօտեցաւ, որ զատիկ կը կոչուէր։ Քահանայապետներն ու դպիրները կը փնտռէին թէ ի՞նչպէս սպաննեն զանիկա, քանզի ժողովուրդէն կը վախնային։ Սատանան՝ Իսկարիովտացի մականուանեալ Յուդային ներսը մտաւ, որ տասներկուքէն մէկն էր։ Ան գնաց քահանայապետներուն ու իշխաններուն հետ համաձայնեցաւ որ զանիկա մատնէ անոնց։ Անոնք ալ ուրախացան եւ խոստացան անոր ստակ տալ։ Ինք վրան առաւ հարցը եւ պատեհութիւն մը կը փնտռէր, որպէս զի զանիկա մատնէ անոնց՝ դեռ բազմութիւնը չժողվուած։ Բաղարջակերաց օրը եկաւ, երբ պէտք էր զատիկը մորթել։ Յիսուս Պետրոսը եւ Յովհաննէսը ղրկեց ու ըսաւ. «Գացէք պատրաստեցէք մեզի զատիկը որպէս զի ուտենք»։ Անոնք ալ ըսին անոր. «Ո՞ւր կ’ուզես որ պատրաստենք»։ Ըսաւ անոնց. «Երբ քաղաքը մտնէք, ձեզի մարդ մը պիտի պատահի, որ ուսին վրայ ջուրի սափոր մը ունի. անոր ետեւէն գացէք այն տունը, ուր ինք կը մտնէ։ Այն տանտիրոջ ըսէք. «Վարդապետը կ’ըսէ՝ ‘Ո՞ւր է օթեւանը ուր աշակերտներուս հետ մէկտեղ զատիկը կարենամ ուտել’։ Ան ալ ձեզի յարդարուած մեծ վերնատուն մը պիտի ցուցնէ, հո՛ն պատրաստեցէք»։ Գացին, գտան ինչպէս իրենց ըսաւ ու զատիկը պատրաստեցին։ Երբ ժամը հասաւ, սեղան նստաւ տասներկու առաքեալներուն հետ, ըսելով. «Փափաքելով փափաքեցայ որ այս զատիկը ձեզի հետ ուտեմ իմ չարչարուելէս առաջ։ Քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ ալ բնաւ ասկէ պիտի չուտեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ կատարուի»։ Եւ գաւաթը առաւ, գոհացաւ ու ըսաւ. «Առէ՛ք ասիկա ու բաժնեցէք ձեր մէջ. Վասն զի ձեզի կ’ըսեմ թէ բնաւ որթին բերքէն պիտի չխմեմ՝ մինչեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը գայ»։ Հաց առաւ, գոհացաւ, կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ Նոյնպէս ալ գաւաթը առաւ ընթրիքէն յետոյ ու ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի»։ «Բայց ահա զիս մատնողին ձեռքը ինծի հետ այս սեղանին վրայ է։ Յիրաւի Որդին մարդոյ կ’երթայ՝ ինչպէս սահմանուած է, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն ձեռքով անիկա պիտի մատնուի»։ Անոնք սկսան իրենց մէջ հարցուփորձ ընել՝ թէ իրենցմէ ո՞վ է որ այդ բանը պիտի ընէ։ Վէճ մըն ալ եղաւ անոնց մէջ՝ թէ իրենցմէ ո՞վ մեծ պիտի սեպուի։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ազգերու թագաւորները անոնց կը տիրեն եւ անոնք որ կ’իշխեն անոնց՝ բարերար կը կոչուին։ Բայց դուք այնպէս պէտք չէ ըլլաք, հապա ան որ ձեր մէջ մեծ է, պզտիկի պէս թող ըլլայ եւ առաջնորդը՝ սպասաւորի պէս։ Քանզի ո՞վ է մեծը, սեղան նստո՞ղը թէ սպասաւորը։ Չէ՞ որ սեղան նստողը. սակայն ես ձեր մէջ սպասաւորի մը պէս եմ։ Եւ դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. Ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. Որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։ Տէրը ըսաւ. «Սի՛մոն, Սի՛մոն, ահա Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ. Բայց ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես»։ Իսկ Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ես պատրաստ եմ քեզի հետ բանտ երթալու ալ, մեռնելու ալ»։ Բայց Յիսուս ըսաւ. «Պետրո՛ս, քեզի կ’ըսեմ թէ այսօր հաւը պիտի չխօսի մինչեւ դուն երեք անգամ ուրանաս՝ ըսելով թէ՝ զիս չես ճանչնար»։ Ապա ըսաւ անոնց. «Երբ ձեզ ղրկեցի առանց քսակի ու պարկի եւ կօշիկներու, բանի մը կարօտ եղա՞ք»։ Անոնք ալ ըսին. «Ոչ մէկ բանի»։ Ետքը ըսաւ. «Բայց հիմա ան որ քսակ ունի, թող իրեն հետ առնէ, նոյնպէս ալ պարկը եւ ան որ թուր չունի, թող իր հանդերձը ծախէ ու իրեն թուր մը ծախու առնէ. Քանզի կ’ըսեմ ձեզի թէ այս գրուած բանն ալ պէտք է որ իմ վրաս կատարուի՝ ‘Եւ անօրէններու հետ սեպուեցաւ’. քանզի ինչ որ ինծի համար որոշուած է, կատարուելու վրայ է»։ Անոնք ալ ըսին. «Տէ՛ր, ահա հոս երկու թուր կայ»։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հերիք են»։ Յետոյ իր սովորութեանը պէս Ձիթենեաց լեռը ելաւ։ Աշակերտներն ալ իր ետեւէն գացին։ Ու երբ տեղը հասաւ ըսաւ անոնց. «Աղօթք ըրէք որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ Եւ ինք անոնցմէ զատուեցաւ քարընկէցի մը չափ ու ծունկի վրայ գալով աղօթք կ’ընէր Ու կ’ըսէր. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինծմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ»։ Երկնքէն հրեշտակ մը երեւցաւ անոր եւ զօրացուց զանիկա։ Սաստիկ նեղութեան մէջ ըլլալով՝ աւելի ջերմեռանդութեամբ աղօթք ըրաւ։ Եւ իր քրտինքը արիւնի մեծ կաթիլներու պէս էր, որ գետինը կը թափուէր։ Աղօթքէն ելլելով՝ աշակերտներուն քով եկաւ ու գտաւ զանոնք տրտմութենէն քնացած։ Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը քնանաք. ելէք աղօթք ըրէք, որպէս զի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ Երբ կը խօսէր, բազմութիւն մը եւ Յուդան, տասներկուքէն մէկը, որ անոնց առջեւէն կու գար, Յիսուսին մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա համբուրէ։ Բայց Յիսուս ըսաւ անոր. «Յո՛ւդա, համբուրելո՞վ կը մատնես Որդին մարդոյ»։ Երբ անոր բոլորտիքը եղողները տեսան ինչ որ պիտի ըլլար, ըսին անոր. «Տէր, թուրով զարնե՞նք»։ Անոնցմէ մէկը քահանայապետին ծառային զարկաւ ու մէկդի հանեց անոր աջ ականջը։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ. «Կը բաւէ»։ Եւ դպաւ անոր ականջին ու բժշկեց զանիկա։ Յիսուս իր վրայ եկող քահանայապետներուն ու տաճարին իշխաններուն ու ծերերուն ըսաւ. «Իբր թէ աւազակի՞ վրայ ելաք սուրերով ու բիրերով։ Ամէն օր ձեզի հետ էի տաճարին մէջ եւ ինծի ձեռք չզարկիք, բայց այս է ձեր ժամանակը ու խաւարին իշխանութիւնը»։ Զանիկա բռնելով տարին ու քահանայապետին տունը մտցուցին. Պետրոս ալ հեռուէն անոր ետեւէն կ’երթար։ Երբ կրակ վառեցին գաւիթին մէջ ու մէկտեղ նստան, Պետրոս ալ նստաւ անոնց մէջ։ Աղախին մը տեսնելով զանիկա որ կրակին քով նստեր էր, նայեցաւ անոր ու ըսաւ. «Ասիկա ալ անոր հետ էր»։ Բայց Պետրոս ուրացաւ զանիկա ու ըսաւ. «Ո՛վ կին, ես զանիկա չեմ ճանչնար»։ Քիչ մը ետքը ուրիշ մը տեսաւ զանիկա ու ըսաւ. «Դո՛ւն ալ անոնցմէ ես»։ Պետրոս ըսաւ. «Ո՛վ մարդ, ես անոնցմէ չեմ»։ Եւ ժամու մը չափ անցնելէն յետոյ՝ ուրիշ մըն ալ կը պնդէր ու կ’ըսէր. «Յիրաւի ասիկա ալ անոր հետ էր, վասն զի Գալիլիացի է»։ Բայց Պետրոս ըսաւ. «Ո՛վ մարդ, չեմ գիտեր ի՞նչ կը խօսիս դուն»։ Իր խօսքը դեռ բերանն էր, երբ հաւը խօսեցաւ։ Տէրը դարձաւ ու Պետրոսին նայեցաւ։ Պետրոս ալ միտքը բերաւ Տէրոջը խօսքը, որ իրեն ըսեր էր թէ՝ ‘Դեռ հաւը չխօսած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս’։ Պետրոս դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ։ Այն մարդիկը, որոնք Յիսուսը կը պահէին, կը ծաղրէին զանիկա ու կը ծեծէին. Եւ անոր աչքերը ծածկելով՝ անոր երեսին կը զարնէին ու կը հարցնէին իրեն՝ ըսելով. «Մարգարէացի՛ր։ Ո՞վ է ան, որ քեզի զարկաւ»։ Ուրիշ շատ բաներ ալ կ’ըսէին անոր հայհոյելով։ Առտուն, ժողովուրդին ծերակոյտը, քահանայապետները եւ դպիրները ժողվուեցան ու տարին զանիկա իրենց ատեանը եւ ըսին. «Եթէ Քրիստոսը դուն ես, ըսէ մեզի»։ Ըսաւ անոնց. «Եթէ ձեզի ըսեմ ալ՝ պիտի չհաւատաք. Եթէ ձեզի բան մը հարցնեմ, ինծի պատասխան պիտի չտաք, ո՛չ ալ զիս պիտի արձակէք։ Ասկէ յետոյ Որդին մարդոյ Աստուծոյ զօրութեանը աջ կողմը պիտի նստի»։ Ամէնքը ըսին. «Ուրեմն դուն Աստուծոյ Որդի՞ն ես»։ Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Դուք կ’ըսէք թէ ես եմ»։ Եւ անոնք ալ ըսին. «Ալ ի՞նչ պէտք է մեզի վկայութիւն, վասն զի մենք անձամբ անոր բերնէն լսեցինք»։ Բոլոր բազմութիւնը ոտքի ելլելով՝ տարին զանիկա Պիղատոսին Ու սկսան անոր վրայով ամբաստանութիւն ընել եւ ըսել. «Ասիկա գտանք, որ մեր ազգը կը մոլորեցնէր ու Կայսրին հարկ տալէ կ’արգիլէր եւ իրեն համար կ’ըսէր թէ ինք Քրիստոս ու թագաւոր է»։ Պիղատոս հարցուց անոր ու ըսաւ. «Հրէից թագաւորը դո՞ւն ես»։ Անիկա ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Դուն կ’ըսես»։ Այն ատեն Պիղատոս քահանայապետներուն ու ժողովուրդին ըսաւ. «Ես այս մարդուն վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։ Բայց անոնք ոտք կը կոխէին ու կ’ըսէին թէ՝ «Ժողովուրդը իրար կ’անցնէ ու բոլոր Հրէաստանի մէջ կը սորվեցնէ՝ Գալիլիայէն սկսած մինչեւ այստեղ»։ Պիղատոս երբ լսեց Գալիլիայի համար, հարցուց թէ այդ մարդը Գալիլիացի՞ է։ Երբ իմացաւ թէ Հերովդէսին իշխանութեան տակէն է, զանիկա Հերովդէսին ղրկեց, քանզի ան ալ այն օրերը Երուսաղէմ էր։ Հերովդէս երբ Յիսուսը տեսաւ շատ ուրախացաւ, վասն զի ինք շատոնց կը փափաքէր զանիկա տեսնել. քանզի անոր վրայով շատ բաներ լսած էր եւ կը յուսար անկէ նշան մը տեսնել։ Ու շատ խօսքերով հարցուփորձ ըրաւ, բայց անիկա բնաւ պատասխան մը չտուաւ։ Քահանայապետներն ու դպիրներն ալ կեցեր էին եւ սաստիկ ամբաստանութիւն կ’ընէին անոր վրայ։ Հերովդէս անարգեց զանիկա իր զօրականներուն հետ ու ծաղր ընելէն յետոյ փառաւոր հանդերձներ հագցուց անոր եւ նորէն Պիղատոսին ղրկեց։ Այն օրը Պիղատոս եւ Հերովդէս իրարու հետ բարեկամ եղան, որովհետեւ առաջ իրենց մէջտեղ թշնամութիւն կար։ Պիղատոս քահանայապետներն ու իշխանները եւ ժողովուրդը մէկտեղ կանչեց Եւ ըսաւ անոնց. «Այս մարդը առջեւս բերիք ժողովուրդը մոլորեցնողի մը պէս, բայց ես ձեր առջեւ քննութիւն ընելով՝ ատոր համար ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն յանցանք մը չգտայ այդ մարդուն վրայ. Ո՛չ ալ Հերովդէս, վասն զի ձեզ անոր ղրկեցի եւ ահա ատիկա մահու արժանի գործ մը ըրած չէ։ Ուրեմն պատիժ մը տամ անոր ու արձակեմ»։ (Իսկ տօնին ատենը պէտք էր որ մէկը արձակէր անոնց.) Բոլոր բազմութիւնը մէկտեղ աղաղակեցին՝ ըսելով. «Վերցուր ատիկա ու Բարաբբան արձակէ մեզի», (Որ քաղաքին մէջ եղած խռովութեան մը եւ մարդասպանութեան համար բանտը դրուած էր։) Պիղատոս՝ Յիսուսը արձակել ուզելով՝ նորէն խօսեցաւ անոնց ։ Բայց անոնք կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Խա՛չը հանէ ատիկա, խաչը հանէ»։ Ինք երրորդ անգամ ըսաւ անոնց. «Բայց ի՞նչ չար գործ ըրած է ատիկա. ես ատոր վրայ մահու արժանի յանցանք մը չգտայ. ուրեմն պատիժ մը տամ ատոր ու արձակեմ»։ Իսկ անոնք մեծաձայն աղաղակներով ոտք կը կոխէին ու կ’ուզէին որ անիկա խաչուի. եւ անոնց ու քահանայապետներուն ձայները զօրաւոր եղան։ Ու Պիղատոս վճռեց որ անոնց խնդիրքը գործադրուի։ Եւ անոնց ուզած մարդը, որ խռովութեան եւ մարդասպանութեան համար բանտը դրուած էր, արձակեց անոնց եւ Յիսուսը իրենց կամքին յանձնեց։ Երբ զանիկա կը տանէին, Սիմոն Կիւրենացի ըսուած մէկը բռնեցին, որ արտէն կու գար եւ խաչը անոր վրայ դրին, որպէս զի Յիսուսին ետեւէն տանի։ Անոր ետեւէն կ’երթար ժողովուրդը մեծ բազմութեամբ, նաեւ կիներ, որոնք կ’ողբային ու կու լային անոր ետեւէն։ Յիսուս դարձաւ անոնց ու ըսաւ. «Ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկներ, իմ վրաս մի՛ լաք, հապա ձեր անձերուն վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ լացէք։ Վասն զի ահա օրեր պիտի գան, որոնց մէջ պիտի ըսեն. ‘Երանի՜ ամուլներուն եւ այն որովայններուն որոնք չծնան եւ ծիծերուն՝ որոնք կաթ չտուին’։ Այն ատեն պիտի սկսին ըսել լեռներուն. ‘Մեր վրայ ինկէք’ ու բլուրներուն՝ ‘Մեզ ծածկեցէք’։ Վասն զի եթէ դալար փայտին այսպէս կ’ընեն, հապա չորին ի՞նչ պիտի ընեն»։ Ուրիշ երկու հոգի ալ՝ չարագործներ՝ բերուեցան անոր հետ սպաննուելու։ Երբ Գագաթ ըսուած տեղը հասան, հոն խաչը հանեցին զանիկա եւ այն չարագործներն ալ, մէկը աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը խաչեցին ։ Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, թողութիւն տուր ատոնց, վասն զի չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ’ընեն»։ Ու անոր հանդերձները բաժնելու ատեննին վիճակ ձգեցին։ Եւ ժողովուրդը կայներ կը նայէր. իշխաններն ալ անոնց հետ կը նախատէին զանիկա ու կ’ըսէին. «Ուրիշները ազատեց, թող ինքզինք ալ ազատէ, եթէ ատիկա է Քրիստոսը, Աստուծոյ ընտրեալը»։ Զինուորներն ալ կը ծաղրէին. առջեւը կու գային, քացախ կը մատուցանէին անոր, Ու կ’ըսէին. «Եթէ դուն ես Հրէից թագաւորը, քու անձդ ազատէ»։ Ուր գիր մը գրուած էր Յունարէն, Լատիներէն եւ Եբրայեցերէն գրերով, թէ ‘Ասիկա է Հրէից թագաւորը’։ Այն կախուած չարագործներէն մէկը հայհոյութիւն կ’ընէր անոր ու կ’ըսէր. «Եթէ դուն Քրիստոսն ես, ազատէ քու անձդ ու մեզ ալ»։ Իսկ միւսը զանիկա յանդիմանելով՝ ըսաւ. «Դուն Աստուծմէ չե՞ս վախնար, որովհետեւ նոյն դատապարտութեան մէջ ես։ Մենք իրաւունքով, քանզի ահա մեր ըրածներուն արժանաւոր հատուցումը կ’առնենք. բայց ասիկա գէշ բան մը չըրաւ»։ Եւ ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս»։ Յիսուս ալ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Դուն այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’»։ Ժամը վեցին ատեններն էր ու բոլոր երկրին վրայ խաւար եղաւ մինչեւ իններորդ ժամը։ Արեւը խաւարեցաւ Ու տաճարին վարագոյրը մէջտեղէն պատռուեցաւ։ Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. «Հա՛յր, քու ձեռքդ կ’աւանդեմ իմ հոգիս»։ Ու երբ այս ըսաւ, հոգին տուաւ։ Հարիւրապետը եղածը տեսնելով՝ Աստուծոյ փառք տուաւ ու ըսաւ. «Իրաւցընէ այս մարդը արդար էր»։ Այս տեսարանը դիտելու համար ժողվուած բազմութիւնը եղած բաները տեսնելով կուրծքերնուն կը զարնէին ու ետ կը դառնային։ Իր բոլոր ճանչուորներն ալ հեռուն կայներ էին, նոյնպէս ալ կիները՝ որոնք իր ետեւէն եկեր էին Գալիլիայէն ու կը տեսնէին այս բաները։ Մարդ մը՝ Յովսէփ անունով, որ խորհրդական էր, բարի ու արդար մարդ մը, (Ասիկա անոնց խորհուրդին ու գործին հաւանութիւն տուած չէր,) Հրեաներուն Արիմաթիա քաղաքէն, որ ինք ալ Աստուծոյ թագաւորութեանը կ’սպասէր։ Ասիկա Պիղատոսին գնաց ու Յիսուսին մարմինը խնդրեց։ Եւ զանիկա խաչէն իջեցնելով՝ կտաւով փաթթեց ու քարէ փորուած գերեզմանի մը մէջ դրաւ, ուր բնաւ մէկը դրուած չէր։ Այն օրը ուրբաթ էր ու շաբաթը պիտի սկսէր։ Անոր ետեւէն գացին այն կիները, որոնք իրեն հետ Գալիլիայէն եկած էին ու տեսան գերեզմանը, թէ ի՛նչպէս անոր մարմինը հոն դրուեցաւ։ Եւ դառնալով՝ խունկեր ու իւղեր պատրաստեցին եւ շաբաթ օրը հանգստացան պատուիրանքին համեմատ։ Մէկշաբթի օրը առտուն շատ կանուխ, կիները գերեզման գացին ու տարին այն խունկերը որոնք պատրաստեր էին եւ ուրիշ կիներ ալ անոնց հետ։ Ու քարը գերեզմանէն մէկդի գլորուած գտան։ Ներս մտնելով՝ Տէր Յիսուսին մարմինը չգտան։ Երբ դեռ անոնք այս բանին համար տարակուսանքի մէջ էին, ահա երկու մարդիկ լուսափայլ հանդերձներով հասան անոնց։ Երբ վախով լեցուած՝ երեսնին դէպի գետինը ծռեցին, այն մարդիկը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ համար ողջը մեռելներուն հետ կը փնտռէք. Հոս չէ ան, հապա յարութիւն առաւ. մտքերնիդ բերէք թէ ի՛նչ ըսաւ ձեզի, երբ դեռ Գալիլիայի մէջ էր. ‘Որդին մարդոյ պէտք է որ մեղաւոր մարդոց ձեռքը մատնուի ու խաչը ելլէ ու երրորդ օրը յարութիւն առնէ’»։ Մտքերնին բերին անոր խօսքերը։ Ու գերեզմանէն դառնալով՝ այս բոլոր պատմեցին տասնըմէկին եւ ուրիշներու։ Այս կիներն էին Մարիամ Մագդաղինացին ու Յովհաննան եւ Յակոբոսին մայրը Մարիամը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ, որոնք այս բաները առաքեալներուն պատմեցին։ Բայց անոնց առջեւ ցնորական խօսքեր երեւցաւ ըսուածը ու չէին հաւատար անոնց։ Բայց Պետրոս ելաւ վազեց դէպի գերեզմանը ու ծռելով նայեցաւ եւ տեսաւ որ միայն կտաւները կը կենային ու գնաց՝ իր մտքին մէջ զարմանալով այն եղածին վրայ։ Աշակերտներէն երկուքը նոյն օրը գիւղ մը կ’երթային, որ Երուսաղէմէն վաթսուն ասպարէզ հեռու էր, անոր անունը Էմմաուս էր։ Անոնք կը խօսէին իրարու հետ այս բոլոր եղած անցքերուն վրայով։ Երբ անոնք կը խօսակցէին ու խորհրդածութիւն կ’ընէին, Յիսուս՝ ինքն ալ մօտենալով՝ անոնց հետ կ’երթար։ Բայց անոնց աչքերը բռնուած էին, որպէս զի զինք չճանչնան։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ են այդ խօսքերը՝ որ քալելով իրարու հետ կը խօսակցիք ու տրտմած ալ էք»։ Պատասխան տուաւ անոնցմէ մէկը, որուն անունը Կղէովպաս էր ու ըսաւ անոր. «Դո՞ւն միայն Երուսաղէմի մէջ կաս ու չես գիտեր թէ ինչե՜ր եղան հոն այս օրերս»։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Նազովրեցի Յիսուսին համար, որ Աստուծոյ եւ բոլոր ժողովուրդին առջեւ գործով ու խօսքով զօրաւոր մարգարէ մը եղաւ. Ի՛նչպէս քահանայապետները ու մեր իշխանները մահուան մատնեցին զանիկա եւ խաչը հանեցին։ Իսկ մենք կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր։ Այս ամենուն վրայ այս երրորդ օրն է, որ այս բաները եղան։ Բայց մեր մէջէն մէկ քանի կիներ ալ մեզ զարմացուցին։ Անոնք առտու կանուխ գերեզմանը գացին Բայց անոր մարմինը չգտնելով՝ եկան ու ըսին թէ հրեշտակներու տեսիլք ալ տեսան, որոնք ըսեր են թէ՝ ‘Անիկա ողջ է’։ Մերիններէն մէկ քանիներն ալ գերեզմանը գացին ու այնպէս գտան, ինչպէս այն կիները ըսին, միայն թէ զինք չտեսան»։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ անմիտներ ու թուլասիրտներ, հաւատալու այն բոլոր բաներուն, որոնք մարգարէները խօսեցան. Չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները կրէր եւ իր փառքը մտնէր»։ Ու սկսելով Մովսէսէն ու բոլոր մարգարէներէն, կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր։ Երբ մօտեցան այն գիւղին՝ ուր կ’երթային, ինք ալ ցուցուց որպէս թէ աւելի հեռու տեղ մը պիտի երթար։ Բայց ստիպեցին ու ըսին. «Մեր քո՛վ կեցիր, վասն զի իրիկունը մօտ է եւ օրը իջած։ Ան մտաւ անոնց հետ։ Երբ ինք անոնց հետ սեղան նստաւ, հաց առաւ, օրհնեց ու կտրելով տուաւ անոնց։ Այն ատեն անոնց աչքերը բացուեցան ու զինք ճանչցան եւ ինք անոնցմէ աներեւոյթ եղաւ։ Իրարու կ’ըսէին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի հետ կը խօսէր ճամբան եւ գրքերը կը մեկնէր»։ Նոյն ժամուն Երուսաղէմ դարձան ու մէկտեղ ժողվուած գտան տասնըմէկը ու անոնց հետ եղողները, Որոնք կ’ըսէին թէ ‘Իրաւցընէ Տէրը յարութիւն առաւ ու Սիմոնին երեւցաւ’։ Եւ իրենք պատմեցին ինչ որ ճամբան պատահեցաւ եւ թէ ի՛նչպէս ինքզինք իրենց ճանչցուց հացը կտրած ատենը։ Քանի որ այս բաները կը խօսէին, Յիսուս ինք կայնեցաւ անոնց մէջտեղը ու ըսաւ անոնց. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Բայց անոնք զարհուրելով կը վախնային ու կը կարծէին թէ ոգի մը կը տեսնեն։ Եւ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ խռոված էք եւ ինչո՞ւ սրտերնուդ մէջ խորհուրդներ կ’ելլեն։ Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս ու տեսէ՛ք, վասն զի ոգին մարմին ու ոսկոր չունենար, մինչդեռ կը տեսնէք թէ ես ունիմ»։ Այս ըսելով՝ ձեռքերը ու ոտքերը ցուցուց անոնց։ Երբ տակաւին իրենց ուրախութենէն չէին հաւատար եւ զարմանքի մէջ էին, ըսաւ անոնց. «Ուտելիք մը ունի՞ք հոս»։ Անոնք ալ կտոր մը խորոված ձուկ ու մեղրախորիսխ տուին իրեն։ Առաւ կերաւ անոնց առջեւ։ Եւ ըսաւ անոնց. «Ասոնք են այն խօսքերը որոնք ձեզի խօսեցայ, երբ դեռ ձեզի հետ էի, թէ ‘Պէտք է որ կատարուին այն ամէնը՝ որոնք Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներուն մէջ եւ սաղմոսներուն մէջ ինծի համար գրուած են»։ Այն ատեն անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան. Եւ ըսաւ անոնց. «Այսպէս գրուած էր եւ այսպէս պէտք է Քրիստոս չարչարուէր ու երրորդ օրը մեռելներէն յարութիւն առնէր, Անոր անունովը ապաշխարութիւն ու մեղքերու թողութիւն քարոզուէր բոլոր ազգերուն մէջ՝ Երուսաղէմէն սկսած։ Ու դուք էք այս բաներուն վկաները։ Եւ ահա՛ ես իմ Հօրս խոստումը ձեզի կը ղրկեմ. բայց դուք Երուսաղէմ քաղաքիս մէջ նստեցէք, մինչեւ վերէն զօրութիւն առնէք ձեր վրայ»։ Եւ զանոնք մինչեւ Բեթանիա հանեց ու իր ձեռքերը վեր վերցնելով՝ օրհնեց զանոնք։ Երբ զանոնք կ’օրհնէր, զատուեցաւ անոնցմէ ու վեր կ’ելլէր երկինք։ Անոնք ալ երկրպագութիւն ընելով անոր՝ մեծ ուրախութեամբ Երուսաղէմ դարձան. Եւ ամէն ատեն տաճարին մէջ էին ու կը գովաբանէին եւ Աստուած կ’օրհնէին։ Ամէն։ Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր։ Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ։ Կեանքը անով էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր Եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր ու խաւարը զանիկա չճանչցաւ։ Աստուծմէ ղրկուած մարդ մը կար, որուն անունը Յովհաննէս էր։ Ասիկա վկայութեան համար եկաւ որպէս զի Լոյսին համար վկայէ, որպէս զի ամէնքը անոր միջոցով հաւատան։ Ինք չէր այն Լոյսը, հապա եկաւ որպէս զի Լոյսին համար վկայէ։ Ճշմարիտ Լոյսը ան է, որ աշխարհ եկող բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ։ Ինք աշխարհի մէջ էր եւ աշխարհ անով եղաւ, բայց աշխարհ զանիկա չճանչցաւ։ Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները զինք չընդունեցին։ Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, որոնք կը հաւատան իր անուանը. Որոնք ո՛չ արիւնէ եւ ո՛չ մարմնի կամքէ, ո՛չ ալ մարդու կամքէ, հապա Աստուծմէ ծնան։ Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս,) շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն։ Յովհաննէս վկայեց անոր համար եւ աղաղակեց ըսելով. «Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Ան որ իմ ետեւէս կու գայ, ինծմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինծմէ առաջ էր’։ Եւ անոր լեցունութենէն մենք ամէնքս շնորհք առինք շնորհքի տեղ։ Վասն զի օրէնքը Մովսէսին ձեռքով տրուեցաւ, բայց շնորհքը եւ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եղան։ Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ, բայց միածին Որդին որ Հօրը ծոցն է, անիկա պատմեց»։ Յովհաննէսին վկայութիւնը այս է երբ Հրեաները Երուսաղէմէն քահանաներ ու Ղեւտացիներ ղրկեցին, որպէս զի հարցնեն անոր թէ ‘Դուն ո՞վ ես’։ Եւ անիկա խոստովանեցաւ ու չուրացաւ. խոստովանեցաւ թէ ‘Ես Քրիստոսը չեմ’։ Ու հարցուցին անոր. «Հապա ո՞վ. Եղիա՞ն ես»։ Ըսաւ. «Չեմ»։ «Այն մարգարէ՞ն ես»։ Պատասխան տուաւ թէ՝ «Ո՛չ»։ Այն ատեն ըսին անոր. «Դուն ո՞վ ես. ըսէ՛ մեզի, որպէս զի պատասխան տանինք մեզի ղրկողներուն. դուն ի՞նչ կ’ըսես քեզի համար»։ Ըսաւ. «Ես անոր ձայնն եմ, որ անապատին մէջ կը կանչէ. ‘Շտկեցէք Տէրոջը ճամբան’, ինչպէս Եսայի մարգարէն ըսաւ»։ Այն ղրկուածները փարիսեցիներէն էին. Հարցուցին իրեն՝ ըսելով. «Հապա ինչո՞ւ մկրտութիւն կ’ընես, եթէ դուն Քրիստոսը չես ու ո՛չ Եղիան եւ ո՛չ մարգարէն»։ Պատասխան տուաւ անոնց Յովհաննէս ու ըսաւ. «Ես ջրով կը մկրտեմ, բայց ձեր մէջ մէկը կայ, որ դուք չէք ճանչնար. Անիկա է իմ ետեւէս եկողը, որ ինծմէ առաջ եղաւ, որուն կօշիկին կապը քակելու արժանի չեմ ես»։ Այս բաները Բեթաբարայի մէջ եղան Յորդանանի անդիի կողմը, ուր Յովհաննէս կը կենար ու կը մկրտէր։ Հետեւեալ օրը Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար եւ ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ։ Ասիկա է, որուն համար կ’ըսէի. ‘Իմ ետեւէս մարդ մը կու գայ, որ ինծմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինծմէ առաջ էր’։ Ու ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց անոր համար ես եկայ ջրով մկրտելու, որպէս զի անիկա Իսրայէլին յայտնուի»։ Եւ Յովհաննէս վկայութիւն տուաւ ըսելով՝ թէ ‘Կը տեսնէի Հոգին, որ աղաւնիի պէս երկնքէն կ’իջնէր ու անոր վրայ կը հանգչէր’։ Եւ ես զանիկա չէի ճանչնար, բայց ան որ զիս ղրկեց ջրով մկրտելու, ինք ըսաւ ինծի. ‘Որու վրայ տեսնես, որ Հոգին կ’իջնէ ու կը հանգչի անոր վրայ, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով կը մկրտէ’։ Ես ալ տեսայ ու վկայեցի թէ ասիկա է Աստուծոյ Որդին»։ Հետեւեալ օրը Յովհաննէս դարձեալ կայներ էր երկու աշակերտներու հետ։ Նայելով Յիսուսին կողմը, որ կը պտըտէր, ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը»։ Այս լսելով երկու աշակերտները գացին Յիսուսին ետեւէն։ Յիսուս երբ դարձաւ ու տեսաւ զանոնք որ իր ետեւէն կու գային, ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ կ’ուզէք»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Ռա՛բբի, (որ թարգմանուելով վարդապետ ըսել է,) ո՞ւր է քու օթեւանդ»։ Ըսաւ անոնց. «Եկէ՛ք ու տեսէ՛ք»։ Գացին ու տեսան, ուր որ էր իր օթեւանը։ Այն օրը անոր քով կեցան. վասն զի ժամը տասնի ատեններն էր։ Սիմոն Պետրոսին եղբայրը Անդրէաս այն երկուքէն մէկն էր, որոնք լսեցին Յովհաննէսէն եւ անոր ետեւէն գացին։ Անիկա նախ իր Սիմոն եղբայրը կը գտնէ եւ կ’ըսէ անոր. «Գտանք Մեսիան», (որ Քրիստոս կը թարգմանուի.) Ու տարաւ զանիկա Յիսուսին քով։ Յիսուս անոր նայելով՝ ըսաւ. «Դուն ես Յովնանի որդին Սիմոնը, դուն Կեփաս պիտի կոչուիս, որ Պետրոս կը թարգմանուի»։ Հետեւեալ օրը Յիսուս Գալիլիա երթալ ուզեց եւ Փիլիպպոսը գտնելով՝ ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։ Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր. Անդրէասին ու Պետրոսին քաղաքէն։ Փիլիպպոս կը գտնէ Նաթանայէլը եւ կ’ըսէ անոր. «Ա՛ն, որուն համար Մովսէս օրէնքին մէջ գրեց եւ մարգարէներն ալ, զանիկա գտանք, այսինքն Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին որդին»։ Ու Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ»։ Ըսաւ անոր Փիլիպպոս. «Եկուր ու տես»։ Յիսուս, երբ տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր համար. «Ահա իրաւցընէ Իսրայէլացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։ Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Դեռ Փիլիպպոս քեզ չկանչած, դուն որ թզենիին տակն էիր, ես քեզ տեսայ»։ Պատասխան տուաւ Նաթանայէլ ու ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը»։ Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ անոր. «Անո՞ր համար՝ որ քեզի ըսի թէ քեզ թզենիին տակ տեսայ, կը հաւատաս։ Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնես»։ Ու ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որ կ’ելլեն ու կ’իջնեն Որդի մարդոյ վրայ’»։ Երրորդ օրը հարսանիք մը կար Գալիլիայի Կանա քաղաքը եւ Յիսուսին մայրը հոն էր։ Յիսուս ալ կանչուեցաւ այն հարսանիքին ու իր աշակերտներն ալ։ Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսին մայրը ըսաւ անոր. «Գինի չունին»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՜վ կին, դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. իմ ժամանակս դեռ հասած չէ»։ Իր մայրը սպասաւորներուն ըսաւ. «Ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք»։ Հոն վեց հատ քարէ կարասներ դրուած էին Հրէից մաքրուելու սովորութեանը համեմատ, որոնց ամէն մէկը երկու կամ երեք մար բան կ’առնէր։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Լեցուցէ՛ք այդ կարասները ջուրով»։ Անոնք լեցուցին զանոնք մինչեւ բերանը։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հիմա հանեցէ՛ք ու սեղանապետին տարէ՛ք»։ Անոնք ալ տարին։ Սեղանապետը երբ գինի դարձած ջուրին համը առաւ, ինք չէր գիտեր ուրկէ ըլլալը, (բայց սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցեր էին, գիտէին,) Ըսաւ փեսային. «Ամէն մարդ աղէկ գինին առաջ կը մատուցանէ ու երբ խմած ըլլան, այն ատեն ստորնագոյնը. բայց դուն աղէկ գինին մինչեւ հիմա պահած ես»։ Յիսուս հրաշքներուն սկիզբը այս ըրաւ Գալիլիայի Կանա քաղաք ին մէջ եւ իր փառքը յայտնեց ու իր աշակերտները հաւատացին իրեն։ Յետոյ Յիսուս Կափառնայում իջաւ, ինք եւ իր մայրը ու իր եղբայրները եւ իր աշակերտները, բայց շատ օրեր հոն չկեցան։ Հրէից զատիկը մօտ էր, ուստի Յիսուս Երուսաղէմ գնաց։ Տաճարին մէջ գտաւ արջառ ու ոչխար եւ աղաւնի ծախողներ ու ստակ փոխողներ ալ՝ որոնք նստեր էին։ Չուանէ խարազան մը շինելով՝ ամէնքը տաճարէն դուրս հանեց, ոչխարներն ալ ու արջառներն ալ։ Ստակ փոխողներուն պղինձները ցիրուցան ըրաւ ու սեղանները կործանեց։ Աղաւնի ծախողներուն ըսաւ. «Ասկէ վերցուցէ՛ք ասոնք, իմ Հօրս տունը առուտուրի տուն մի՛ ընէք»։ Իր աշակերտները մտքերնին բերին որ գրուած է. «Քու տանդ նախանձը զիս կերաւ»։ Այն ատեն Հրեաները եկան ու ըսին անոր. «Ի՞նչ նշան կը ցուցնես մեզի՝ որ այդ բաները ընելու իրաւունք ունիս»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Քակեցէ՛ք այս տաճարը ու երեք օրուան մէջ զանիկա պիտի կանգնեցնէմ»։ Հրեաները ըսին. «Քառասունըվեց տարուան մէջ շինուեցաւ այս տաճարը եւ դուն երեք օրուան մէ՞ջ պիտի կանգնեցնես զանիկա»։ Բայց ինք իր մարմնին տաճարին համար կ’ըսէր։ Ուստի երբ ինք մեռելներէն յարութիւն առաւ, իր աշակերտները մտքերնին բերին այս ըսածը ու հաւատացին գրքին եւ Յիսուսին ըսած խօսքին։ Երբ զատկի տօնին Երուսաղէմ էր, շատ մարդիկ անոր ըրած հրաշքները տեսնելով՝ հաւատացին անոր անուանը։ Բայց ինք՝ Յիսուս՝ իր անձը անոնց չէր վստահեր, վասն զի ինք կը ճանչնար ամէն մարդ։ Պէտք չկար որ ոեւէ մէկը ուրիշ մարդու համար վկայութիւն տար իրեն, քանզի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդուն ներսիդին։ Փարիսեցիներէն մարդ մը կար Նիկոդէմոս անունով, որ Հրեայ իշխան մըն էր։ Ասիկա գիշերով Յիսուսին եկաւ եւ ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, գիտենք թէ դուն Աստուծմէ վարդապետ եկած ես, վասն զի մէկը չի կրնար ընել այն հրաշքները, որոնք դուն կ’ընես, եթէ Աստուած իրեն հետ չըլլայ»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի. ‘Եթէ մարդ մը նորէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը տեսնել’»։ Նիկոդէմոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչպէս կրնայ մարդ մը նորէն ծնանիլ, որ ծերացած է։ Հնարաւո՞ր բան է, որ նորէն իր մօրը որովայնը մտնէ ու ծնանի»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Եթէ մարդ մը ջուրէն ու Հոգիէն չծնանի, չի կրնար Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել։ Մարմինէն ծնածը մարմին է ու Հոգիէն ծնածը հոգի է։ Դուն մի՛ զարմանար որ քեզի ըսի. ‘Պէտք է ձեզի նորէն ծնանիլ’։ Հովը ուր որ ուզէ՝ կը փչէ։ Անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր ուրկէ՞ կու գայ, կամ ո՞ւր կ’երթայ։ Այսպէս ալ է այն ամէնը, որ Հոգիէն կը ծնանի»։ Նիկոդէմոս հարցուց անոր. «Այդ ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Դուն Իսրայէլի մէջ վարդապետ մըն ես եւ այս բաները չե՞ս գիտեր։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ կը վկայենք ու մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր։ Եթէ երկրաւոր բաները ձեզի ըսի ու չէք հաւատար, ի՞նչպէս պիտի հաւատաք եթէ երկնաւոր բաները ձեզի պատմեմ։ Մէ՛կը երկինք չելաւ. բայց միայն անիկա, որ երկնքէն իջաւ, Որդին մարդոյ, որ երկնքէն է։ Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Որդին մարդոյ բարձրանայ, Որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ Վասն զի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէս զի աշխարհը դատէ, հապա՝ որպէս զի աշխարհ անով փրկուի։ Ան՝ որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր եւ ան որ չի հաւատար՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, վասն զի Աստուծոյ միածին Որդիին անուանը չհաւատաց։ Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։ Վասն զի ամէն ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ’ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին։ Բայց ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէս զի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։ Այս բաներէն ետքը Յիսուս եւ իր աշակերտները Հրէաստանի երկիրը եկան։ Ինք կը կենար անոնց հետ մէկտեղ ու մկրտութիւն կ’ընէր։ Յովհաննէս ալ Այենոնի մէջ Սաղիմի մօտ մկրտութիւն կ’ընէր, որովհետեւ հոն շատ ջուր կար ու կու գային եւ կը մկրտուէին. Վասն զի Յովհաննէս դեռ բանտը դրուած չէր։ Այն ատեն վիճաբանութիւն մը եղաւ Յովհաննէսին աշակերտներուն եւ Հրեաներուն միջեւ՝ մաքրութեան վրայով։ Աշակերտները գացին Յովհաննէսին եւ անոր ըսին. «Ռա՛բբի, անիկա որ քեզի հետ Յորդանանի անդիի կողմն էր, որուն համար դուն վկայութիւն տուիր, ահա ինք կը մկրտէ եւ ամէնքը անոր կ’երթան»։ Պատասխան տուաւ Յովհաննէս եւ ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար բան մը առնել, եթէ երկնքէն տրուած չըլլայ անոր։ Դուք ձեզմէ կը վկայէք ինծի համար, որ ըսի թէ ‘Ես Քրիստոսը չեմ, հապա անոր առջեւէն ղրկուած եմ’։ Ան որ հարսն ունի, փեսան անիկա է. բայց փեսային բարեկամը, որ կը կենայ ու կը լսէ անոր, մեծապէս կ’ուրախանայ փեսային ձայնին համար։ Ուստի ահա իմ ուրախութիւնս լեցուած է։ Անիկա պէտք է որ մեծնայ, բայց ես պզտկնամ»։ Ան որ վերէն կու գայ՝ ամենէն վեր է. ան որ երկրէն է՝ երկրաւոր է ու երկրէն կը խօսի. ան որ երկնքէն կու գայ՝ ամենէն վեր է։ Եւ ինչ որ տեսաւ ու լսեց, զայն կը վկայէ ու անոր վկայութիւնը մէ՛կը չընդունիր։ Ան որ անոր վկայութիւնը կ’ընդունի, կ’ապացուցանէ թէ Աստուած ճշմարիտ է։ Վասն զի ան որ Աստուած ղրկեց, Աստուծոյ խօսքերը կը խօսի, վասն զի Աստուած անոր չափով չի տար Հոգին։ Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան անոր ձեռքը տրուած է։ Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ։ Արդ երբ Տէրը իմացաւ որ փարիսեցիները լսեր են՝ թէ Յիսուս Յովհաննէսէն աւելի աշակերտներ կ’առնէ եւ կը մկրտէ, (թէպէտ՝ ո՛չ թէ Յիսուս ինք կը մկրտէր, հապա իր աշակերտները,) Թողուց Հրէաստանը ու նորէն Գալիլիա գնաց։ Ու պէտք եղաւ որ Սամարիայի մէջէն անցնի։ Ուստի եկաւ Սամարացիներուն քաղաքը, որուն անունը Սուքար էր, այն տեղին մօտ՝ որ Յակոբ իր որդիին Յովսէփին տուաւ։ Հոն էր Յակոբին ջրհորը։ Յիսուս յոգնած ըլլալով՝ այն ջրհորին քով նստաւ։ Գրեթէ ժամը վեցն էր։ Սամարիայէն կին մը եկաւ ջուր հանելու։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի ջուր տուր խմելու». (Քանզի իր աշակերտները քաղաքը գացեր էին, որպէս զի ուտելիք առնեն։) Այն ատեն Սամարացի կինը ըսաւ անոր. «Դուն որ Հրեայ ես, ի՞նչպէս կ’ուզես ջուր խմել ինծմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը՝ վասն զի Հրեաները Սամարացիներուն հետ չեն հաղորդակցիր»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՞վ է ան, որ քեզի կ’ըսէ, ‘Ինծի ջուր տուր խմելու’, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ ինք քեզի կենդանի ջուր պիտի տար»։ Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն բան մը չունիս ջուր քաշելու ու այս հորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս այն կենդանի ջուրը։ Միթէ դուն մեր Յակոբ հօրմէն աւելի մե՞ծ ես, որ այս հորը մեզի տուաւ եւ ասկէ խմեցին ինք ու իր որդիները եւ իր անասունները»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Ամէն ով որ այս ջուրէն խմէ, նորէն պիտի ծարաւի, բայց ո՛վ որ խմէ այն ջուրէն որ ես անոր պիտի տամ, յաւիտեան պիտի չծարաւի։ Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի»։ Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, տուր ինծի այն ջուրը, որպէս զի չծարաւիմ եւ հոս չգամ ջուր հանելու»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛ քու այրդ կանչէ ու հոս եկուր»։ Կինը պատասխան տալով ըսաւ. «Ես այր չունիմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղէկ ըսիր թէ այր չունիմ, Վասն զի դուն հինգ այր ունեցեր ես եւ ան որ հիմա ունիս՝ քու այրդ չէ. ատիկա շիտակ ըսիր»։ Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, կը տեսնեմ թէ դուն մարգարէ մըն ես։ Մեր հայրերը այս լերան վրայ երկրպագութիւն ըրին. բայց դուք կ’ըսէք թէ ‘ Միայն Երուսաղէմ է տեղը, ուր պէտք է երկրպագութիւն ընել’»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ո՛վ կին, հաւատա ինծի, որ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ Երուսաղէմի մէջ երկրպագութիւն պիտի ընէք Հօրը։ Դուք անոր երկրպագութիւն կ’ընէք, որը չէք ճանչնար. մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք, որը կը ճանչնանք. վասն զի փրկութիւնը Հրեաներէն է։ Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։ Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։ Կինը ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ, (Քրիստոս ըսուածը,) երբ ինք գայ՝ ամէն բան մեզի պիտի պատմէ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ»։ Այս խօսքին վրայ իր աշակերտները եկան ու զարմացան որ այն կնոջ հետ կը խօսէր, բայց անոնցմէ մէ՛կը չըսաւ թէ «Ի՞նչ կ’ուզես, կամ ի՞նչ կը խօսիս ատոր հետ»։ Այն ատեն կինը ձգեց իր սափորը ու քաղաքը գնաց եւ ըսաւ քաղաքացիներուն. «Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, մարդ մը՝ որ ըսաւ ինծի ամէն ինչ որ գործեր եմ. արդեօք անիկա՞ է Քրիստոսը»։ Անոնք քաղաքէն ելան ու անոր եկան»։ Այս միջոցին աշակերտները իրեն կ’աղաչէին ու կ’ըսէին. «Ռաբբի՛, հաց կեր»։ Անիկա ըսաւ անոնց. «Ես կերակուր ունիմ ուտելու՝ որ դուք չէք գիտեր»։ Այն ատեն աշակերտները կ’ըսէին իրարու. «Արդեօք մէկը իրեն ուտելու բա՞ն մը բերաւ»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ։ Չէ՞ որ դուք կ’ըսէք թէ տակաւին չորս ամիս կայ հունձքի։ Ահա ես ձեզի կ’ըսեմ. «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք։ Արդէն ճերմկած ու հնձուելու պատրաստ են։ Ան որ կը հնձէ՝ վարձք կ’առնէ ու յաւիտենական կեանքի համար պտուղ կը ժողվէ, որպէս զի սերմանողը ու հնձողը մէկտեղ ուրախանան։ Վասն զի ճշմարիտ է այն խօսքը թէ՝ ‘Ուրիշը կը սերմանէ եւ ուրիշը կը հնձէ’։ Ես ձեզ ղրկեցի հնձելու այն որուն համար չաշխատեցաք. ուրիշները աշխատեցան ու դուք անոնց աշխատանքէն օգտուեցաք»։ Այն քաղաքէն շատ Սամարացիներ իրեն հաւատացին այն կնոջ խօսքին համար, որ վկայեց, ըսելով թէ՝ «Ինչ որ ես գործեր էի՝ բոլորը ինծի ըսաւ»։ Երբ Սամարացիներն անոր եկան, կ’աղաչէին անոր որ իրենց քով կենայ։ Երկու որ հոն կեցաւ։ Շատերը իրեն հաւատացին իր խօսքին համար։ Ու կ’ըսէին կնոջը. «Ասկէ ետք ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար կը հաւատանք, այլ մենք անձամբ լսեցինք եւ գիտենք թէ անիկա է ճշմարտապէս աշխարհի Փրկիչը՝ Քրիստոս»։ Երկու օրէն յետոյ ելաւ անկէ եւ Գալիլիա գնաց, Վասն զի Յիսուս ինք վկայեց թէ ‘Մարգարէ մը իր գաւառին մէջ պատիւ չունենար’։ Երբ Գալիլիա հասաւ, Գալիլիացիները զինք ընդունեցին, քանզի տեսած էին այն բոլոր հրաշքները, որոնք ինք ըրաւ տօնին ատենը՝ Երուսաղէմի մէջ. վասն զի իրենք ալ այն տօնին գացեր էին։ Յիսուս նորէն եկաւ Գալիլիացիներուն Կանա քաղաքը, ուր ջուրը գինիի փոխած էր։ Հոն ազնուական մը կար, որուն որդին հիւանդ էր՝ Կափառնայումի մէջ։ Ասիկա լսելով, որ Յիսուս Հրէաստանէն Գալիլիա եկեր է, եկաւ անոր ու կ’աղաչէր, որ երթայ եւ իր որդին բժշկէ, վասն զի մեռնելու վրայ է։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ նշաններ ու հրաշքներ չտեսնէք, բնաւ պիտի չհաւատաք»։ Ազնուականը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եկուր, քանի իմ տղաս մեռած չէ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Գնա՛, քու որդիդ ողջ է»։ Մարդն ալ հաւատաց այն խօսքին, որ Յիսուս իրեն ըսաւ ու գնաց։ Երբ կ’երթար, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ աւետիս տուին ըսելով. «Քու տղադ ողջ է»։ Այն ատեն հարցուց անոնց թէ ‘Ո՞ր ժամուն սկսաւ աղէկի դառնալ’։ Ըսին իրեն. «Երէկ ժամը եօթին տենդը թողուց զանիկա»։ Այն ատեն գիտցաւ անոր հայրը թէ այն ժամն էր երբ Յիսուս իրեն ըսաւ թէ ‘Քու որդիդ ողջ է՝ ու հաւատաց ինք եւ իր բոլոր տունը։ Այս երկրորդ հրաշքն էր որ Յիսուս ըրաւ, երբ Հրէաստանէն Գալիլիա եկաւ։ Ասկէ յետոյ Հրէից տօնն էր։ Յիսուս Երուսաղէմ ելաւ։ Երուսաղէմի մէջ Ոչխարներու դրանը քով աւազան մը կար, որ Եբրայեցերէն Բեթհեզդա կը կոչուէր, որ հինգ սրահ ունէր։ Ասոնց մէջ խիստ շատ հիւանդներ պառկած էին՝ կոյրեր, կաղեր, չորցածներ՝ որոնք կը սպասէին ջուրին խառնուելուն, Վասն զի հրեշտակ մը ժամանակ ժամանակ աւազանը կ’իջնէր ու ջուրերը կը խառնէր եւ ո՛վ որ ջուրին խառնուելէն յետոյ ամենէն առաջ անոր մէջ մտնէր, կը բժշկուէր ի՛նչ հիւանդութիւն ալ որ ունենար։ Հոն մարդ մը կար, որ երեսունըութը տարիէ ի վեր հիւանդութիւն մը ունէր։ Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա, որ ինկած պառկած էր, գիտցաւ թէ շատ ժամանակէ ի վեր է, ըսաւ անոր. «Կ’ուզե՞ս առողջանալ» Հիւանդը պատասխան տուաւ անոր. «Տէ՛ր, մարդ մը չունիմ որ երբ ջուրերը խառնուին՝ զիս աւազանը ձգէ ու քանի որ ես ծանր կը շարժիմ, ինծմէ առաջ ուրիշ մը կ’իջնէ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ելի՛ր, մահիճդ առ ու քալէ»։ Իսկոյն մարդը առողջացաւ ու իր մահիճը վերցնելով կը քալէր։ Այն օրը շաբաթ էր։ Այն ատեն Հրեաները ըսին բժշկուած մարդուն. «Շաբաթ է եւ ներելի չէ որ մահիճդ վերցնես»։ Պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ան որ զիս բժշկեց՝ ի՛նք ինծի ըսաւ՝ ‘Մահիճդ ա՛ռ ու քալէ’»։ Ուստի հարցուցին անոր. «Ո՞վ է այն մարդը, որ քեզի ըսաւ, ‘Մահիճդ ա՛ռ ու քալէ’»։ Եւ բժշկուողը չէր գիտեր թէ ո՛վ է ան, վասն զի Յիսուս մէկդի քաշուեցաւ՝ այնտեղ բազմութիւն ըլլալուն համար։ Անկէ ետքը Յիսուս զանիկա տաճարին մէջ գտնելով՝ ըսաւ անոր. «Ահա բժշկուեցար, ալ մեղք մի՛ գործեր, որ ա՛լ աւելի չար բան չպատահի քեզի»։ Գնաց մարդը ու Հրեաներուն պատմեց թէ՝ Յիսուս էր, որ զինք բժշկեց։ Ասոր համար Հրեաները կը հալածէին Յիսուսը եւ կը մտածէին զանիկա սպաննել, քանի որ այս բաները շաբաթ օրը կ’ընէր։ Եւ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ»։ Ասոր համար ա՛լ աւելի կը մտածէին Հրեաները զանիկա սպաննել, վասն զի ո՛չ միայն շաբաթ օրը չէր պահեր, հապա նաեւ Աստուած իր Հայրը կ’անուանէր ու այսպէս ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ’ընէր։ Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ’. վասն զի ինչ որ անիկա կ’ընէ, նմանապէս Որդին ալ նոյնը կ’ընէ։ Քանզի Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն բան կը ցուցնէ անոր՝ ինչ որ ինք կ’ընէ եւ ասոնցմէ ա՛լ աւելի մեծ գործեր պիտի ցուցնէ անոր, որպէս զի դուք զարմանաք։ Վասն զի ինչպէս Հայրը մեռելները կը յարուցանէ ու կը կենդանացնէ, այնպէս ալ Որդին որոնք կ’ուզէ կը կենդանացնէ։ Քանզի Հայրը մէ՛կը չի դատեր, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ. Որպէս զի ամէնքը պատուեն Որդին, ինչպէս Հայրը կը պատուեն։ Ան որ Որդին չի պատուեր, զանիկա ղրկող Հայրը չի պատուեր։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի ու դատապարտութեան տակ չիյնար, հապա մահուանէ դէպի կեանք անցած է’։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ Ժամանակ պիտի գայ եւ հիմա ալ է, երբ մեռելները պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը եւ անոնք որ կը լսեն, պիտի ապրին։ Վասն զի ինչպէս Հայրը իր անձին մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ, որ իր անձին մէջ կեանք ունենայ, Եւ դատաստան ընելու իշխանութիւն ալ տուաւ անոր, քանզի անիկա Որդի մարդոյ է։ Ասոր վրայ մի՛ զարմանաք. վասն զի ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, Ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։ Ես ինքնիրմէս բան մը չեմ կրնար ընել. ինչպէս կը լսեմ, այնպէս կը դատեմ եւ իմ դատաստանս արդար է, վասն զի ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա անոր կամքը որ զիս ղրկեց։ Եթէ ես ինծի համար վկայեմ, իմ վկայութիւնս ճշմարիտ չէ։ Ուրիշ մըն է, որ ինծի համար կը վկայէ եւ ես գիտեմ թէ ճշմարիտ է այն վկայութիւնը՝ որ ինք ինծի համար վկայեց։ Դուք Յովհաննէսին ղրկեցիք եւ ինք ճշմարտութեանը վկայ եղաւ։ Բայց ես պէտք չունիմ մարդոց վկայութեան։ Այս բաները կ’ըսեմ, որպէս զի դուք փրկուիք։ Անիկա ճրագ մըն էր, որ կը վառէր ու լոյս կու տար եւ դուք քիչ մը ատեն ուզեցիք անոր լոյսովը ուրախանալ։ Բայց ես Յովհաննէսին վկայութենէն ալ մեծ վկայութիւն մը ունի, քանզի այն գործերը որոնք Հայրը ինծի տուաւ որ կատարեմ, այն նոյն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինծի համար կը վկայեն թէ ‘Հայրը զիս ղրկեց’։ Հայրը, որ զիս ղրկեց, ինք վկայեց ինծի համար։ Դուք անոր ձայնը չլսեցիք, ո՛չ ալ անոր կերպարանքը տեսաք Ո՛չ ալ անոր խօսքը ձեր մէջ բնակած է, քանզի զայն որ ինք ղրկեց, դուք անոր չէք հաւատար։ Գրքերը քննեցէք, վասն զի կը կարծէք թէ անոնցմով կրնաք յաւիտենական կեանք ունենալ։ Ահա բուն անոնք են, որ ինծի համար կը վկայեն. Եւ դուք չէք ուզեր ինծի գալ, որ կեանք ունենաք։ Ես մարդոցմէ փառք չեմ սպասեր։ Բայց գիտեմ թէ Աստուծոյ սէրը ձեր մէջ չունիք։ Ես իմ Հօրս անունովը եկայ ու զիս չէք ընդունիր եթէ ուրիշ մէկը իր անունովը գայ, զանիկա պիտի ընդունիք։ Դուք ի՞նչպէս կրնաք հաւատալ, երբ իրարմէ փառք կ’ակնկալէք եւ այն փառքը որ Աստուծմէն է՝ չէք փնտռեր։ Մի՛ կարծէք թէ ես ձեզի համար ամբաստանութիւն պիտի ընեմ Հօրը։ Կայ մէկը ՝ որ ձեզի համար ամբաստանութիւն կ’ընէ։ Մովսէսը՝ որուն դուք յուսացած էք։ Վասն զի եթէ դուք Մովսէսին հաւատայիք, ինծի ալ պիտի հաւատայիք, քանզի անիկա ինծի համար գրեց։ Բայց եթէ անոր գրածներուն չէք հաւատար, իմ խօսքերուս ի՞նչպէս պիտի հաւատաք։ Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի՝ այսինքն Տիբերիայի՝ ծովուն անդիի կողմը գնաց։ Անոր ետեւէն շատ ժողովուրդ կ’երթար, վասն զի կը տեսնէին այն հրաշքները, որոնք հիւանդներուն վրայ կ’ընէր։ Յիսուս լեռը ելաւ ու հոն նստաւ իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ։ Հրեաներու զատկի տօնը մօտ էր։ Յիսուս երբ իր աչքերը վեր վերցուց ու տեսաւ որ շատ ժողովուրդ կու գար իրեն, ըսաւ Փիլիպպոսին. «Ուրկէ՞ հաց ծախու առնենք, որպէս զի ատոնք ուտեն»։ (Այս կ’ըսէր զանիկա փորձելու համար, քանզի ինք գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր։) Փիլիպպոս պատասխան տուաւ անոր. «Երկու հարիւր դահեկանի հաց չի բաւեր, որպէս զի ամէն մէկը քիչ մը առնէ»։ Իր աշակերտներէն մէկը, Սիմոն Պետրոսին եղբայրը Անդրէաս, ըսաւ իրեն. «Հոս պատանի մը կայ, որ հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ ունի, բայց անոնք ի՞նչպէս պիտի բաւեն այդչափ մարդոց»։ Յիսուս ըսաւ. «Նստեցուցէ՛ք այդ մարդիկը»։ Հոն շատ խոտ կար։ Մարդիկը նստան՝ թուով հինգ հազարի չափ։ Յիսուս հացերը առաւ ու գոհացաւ եւ աշակերտներուն բաժնեց, աշակերտներն ալ՝ նստողներուն։ Նոյնպէս ալ ձուկերէն՝ որչափ որ ուզեցին։ Երբ կշտացան, ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի»։ Ուստի ժողվեցին եւ տասներկու կողով լեցուցին այն հինգ գարիէ հացերէն մնացած կտորուանքները, որոնք ուտողներէն աւելցան։ Իսկ մարդիկը, երբ Յիսուսին ըրած հրաշքը տեսան, ըսին. «Ասիկա է ճշմարտապէս այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»։ Յիսուս գիտնալով թէ պիտի գան զինք յափշտակեն, որպէս զի զինք թագաւոր ընեն, նորէն մինակը լեռը գնաց։ Իրիկունը, իր աշակերտները ծովեզերքը իջան, Նաւը մտնելով ծովուն անդիի կողմը՝ Կափառնայում գացին։ Արդէն մութը կոխեր էր, բայց դեռ Յիսուս իրենց եկած չէր։ Ծովն ալ հովին սաստիկ փչելէն տակնուվրայ կ’ըլլար։ Երբ թի քաշելով քսանըհինգ կամ երեսուն ասպարէզի չափ գացին, տեսան Յիսուսը, որ ծովուն վրայէն քալելով՝ նաւուն կը մօտենար ու վախցան։ Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Այն ատեն զանիկա նաւը առին եւ նաւը շուտով այն երկիրը հասաւ՝ ուր կ’երթային։ Հետեւեալ օրը ժողովուրդը որ ծովուն անդիի կողմն էր եւ տեսեր էր որ ուրիշ նաւակ չկար այն մէկէն զատ՝ որուն մէջ անոր աշակերտները մտեր էին, իսկ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ նաւակը մտած չէր եւ միայն անոր աշակերտները գացեր էին. (Բայց Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ եկան այն տեղին մօտ՝ ուր Տէրոջը գոհանալովը հացը կերեր էին.) Այն ատեն ժողովուրդը տեսնելով թէ ո՛չ Յիսուսը հոն է, ո՛չ ալ անոր աշակերտները, իրենք ալ նաւերը մտան ու գացին Կափառնայում՝ Յիսուսը փնտռելու։ Ու երբ զանիկա ծովուն անդիի կողմը գտան, ըսին անոր. «Ռա՛բբի, ե՞րբ եկար դուն հոս»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց եւ ըսաւ. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ անոր համար որ հրաշքներ տեսաք, հապա անոր համար որ հացերէն կերաք ու կշտացաք’։ Գացէ՛ք, գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ, որ Որդին մարդոյ ձեզի պիտի տայ, վասն զի Հայրն Աստուած զանիկա կնքեց»։ Այն ատեն ըսին անոր. «Ի՞նչ ընենք որպէս զի Աստուծոյ գործերը կատարենք»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Այս է Աստուծոյ գործը, որ անոր ղրկածին հաւատաք»։ Ըսին անոր. «Բայց դուն ի՞նչ նշան կ’ընես, որ տեսնենք ու քեզի հաւատանք. ի՞նչ կը գործես։ Մեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան. ինչպէս գրուած է. ‘Երկնքէն հաց տուաւ անոնց որպէս զի ուտեն’»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Մովսէս չտուաւ ձեզի երկնաւոր հացը’, բայց իմ Հայրս կու տայ ձեզի ճշմարիտ երկնաւոր հացը»։ Վասն զի Աստուծմէ տրուած հացը ա՛յն է, որ երկնքէն կ’իջնէ ու աշխարհի կեանք կու տայ»։ Ուստի ըսին անոր. «Տէ՛ր, ամէն ատեն այդ հացը մեզի տուր»։ Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի։ Բայց ես ձեզի ըսի թէ դուք զիս տեսաք ալ ու չէք հաւատար։ Այն ամէնը, որ Հայրը ինծի կու տայ, ինծի պիտի գան եւ ան, որ ինծի կու գայ, բնաւ դուրս պիտի չհանեմ։ Վասն զի ես երկնքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս ընելու, հապա անոր կամքը՝ որ զիս ղրկեց։ Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը այս է, որ այն ամէնը որ ինք տուաւ, չկորսնցնեմ, հապա անոնց յարութիւն առնել տամ վերջին օրը։ Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ե՛ս ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը»։ Հրեաները կը տրտնջէին իրեն դէմ, վասն զի ըսաւ թէ՝ ‘Ե՛ս եմ երկնքէն իջած հացը’ Եւ կ’ըսէին «Ասիկա Յովսէփին որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը մենք կը ճանչնանք. ուրեմն ի՞նչպէս կ’ըսէ ասիկա թէ՝ ‘Ես երկնքէն իջայ’»։ Պատասխանեց Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Տրտունջ մի՛ ընէք ձեր մէջ։ Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը Մարգարէները գրած են եւ ամէն ոք ալ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ։ Այն, որ Հօրմէս կը լսէ ու կը սորվի, ինծի կու գայ։ Ոչ մէկը Հայրը տեսած է, այլ միայն ան՝ որ Աստուծմէ է, անիկա Հայրը տեսած է։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, յաւիտենական կեանք ունի’։ Ես եմ կենաց հացը։ Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան։ Այս է այն հացը, որ երկնքէն կ’իջնէ, որպէս զի եթէ մէկը ատկէ ուտէ, չմեռնի։ Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ. Եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի եւ այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար»։ Ասոր վրայ հրեաները իրարու հետ կը վիճէին ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս կրնայ ասիկա իր մարմինը մեզի տալ՝ ուտելու»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար’։ Ո՛վ որ իմ մարմինս ուտէ եւ իմ արիւնս խմէ, յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը։ Վասն զի իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս ճշմարիտ ըմպելիք է։ Ան որ իմ մարմինս կ’ուտէ եւ իմ արիւնս կը խմէ, անիկա իմ ներսիդիս կը բնակի ու ես անոր ներսիդին։ Ինչպէս կենդանի Հայրը զիս ղրկեց ու ես կենդանի եմ Հօրը ձեռքով, այսպէս ալ ան որ զիս կ’ուտէ, ինք ալ իմ ձեռքովս կենդանի պիտի մնայ։ Այս է այն հացը, որ երկնքէն իջած է, ո՛չ թէ մանանան, որ հայրերնիդ կերան ու մեռան։ Ո՛վ որ այս հացը ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի»։ Այս բաները խօսեցաւ ժողովարանին մէջ՝ երբ Կափառնայումի մէջ կը քարոզէր։ Աշակերտներէն շատեր երբ լսեցին՝ ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել»։ Յիսուս երբ հասկցաւ թէ իր աշակերտները այն բանին համար տրտունջ կ’ընեն, ըսաւ անոնց. «Ատիկա ձեզ կը գայթակղեցնէ՞։ Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։ Հոգին է կենդանի ընողը, մարմինը շահ մը չ’ըներ։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, հոգի ու կեանք են։ Բայց ձեր մէջէն կան ոմանք, որ չեն հաւատար. վասն զի Յիսուս սկիզբէն գիտէր թէ որո՛նք չեն հաւատար եւ ո՞վ է ան, որ զինք պիտի մատնէ։ Ու ըսաւ. «Ասո՛ր համար ձեզի ըսի թէ մէ՛կը չի կրնար ինծի գալ, եթէ իմ Հօրմէս տրուած չըլլայ անոր»։ Այս պատճառաւ իր աշակերտներէն շատեր ետ գացին եւ ա՛լ իրեն հետ չէին պտըտիր։ Այն ատեն Յիսուս տասներկուքին ըսաւ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։ Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ անոր. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ես ձեզ տասներկուքդ չընտրեցի՞, բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է»։ Ասիկա կ’ըսէր Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային համար, վասն զի անիկա էր որ զինք պիտի մատնէր, թէեւ տասներկուքէն մէկն էր։ Այս բաներէն ետքը Յիսուս Գալիլիայի մէջ կը պտըտէր, քանզի չէր ուզեր Հրէաստանի մէջ պտըտիլ, վասն զի Հրեաները զինք սպաննել կ’ուզէին։ Հրեաներուն տաղաւարահարաց տօնը մօտ էր, Ուստի իր եղբայրները ըսին իրեն. «Ելի՛ր ասկէ ու Հրէաստան գնա, որպէս զի քու աշակերտներդ ալ տեսնեն քու գործերդ որոնք կ’ընես. Վասն զի մէկը չկայ որ ծածկաբար բան մը ընէ եւ ինք յայտնի ըլլալ ուզէ. եթէ դուն այդ բաները կ’ընես, ինքզինքդ աշխարհի յայտնէ»։ Քանզի իր եղբայրներն ալ չէին հաւատար իրեն։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ ժամանակս դեռ հասած չէ, բայց ձեր ժամանակը միշտ պատրաստ է։ Աշխարհ ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ’ատէ, վասն զի ես կը վկայեմ թէ իր գործերը չար են։ Դուք ելէ՛ք այս տօնին. ես [դեռ] չեմ ելլեր այս տօնին. վասն զի ժամանակս դեռ չէ լեցուած»։ Այս ըսելով անոնց՝ ինք Գալիլիա մնաց։ Բայց երբ իր եղբայրները գացին, ետքը ինք ալ գնաց տօնին, ո՛չ թէ յայտնի՝ հապա գաղտուկ կերպով մը։ Հրեաները տօնին ատենը կը փնտռէին զինք ու կ’ըսէին. «Ո՞ւր է անիկա»։ Եւ ժողովուրդին մէջ շատ շշնջիւն կար անոր վրայով։ Ոմանք կ’ըսէին թէ ‘Աղէկ մարդ է’. ուրիշներ կ’ըսէին. ‘Ոչ, հապա ժողովուրդը կը մոլորեցնէ’։ Սակայն մէ՛կը անոր վրայով համարձակ չէր խօսեր Հրեաներուն վախէն։ Երբ տօնը կէս եղաւ, Յիսուս տաճարը գնաց ու կը սորվեցնէր։ Հրեաները կը զարմանային ու կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս ասիկա գրքերը գիտէ, որ սորված չէ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Իմ վարդապետութիւնս իմս չէ, հապա զիս ղրկողինն է։ Եթէ մէկը կ’ուզէ անոր կամքը ընել, պիտի գիտնայ այս վարդապետութեան համար թէ արդեօք Աստուծմէ՞ է՝ թէ ես ինքնիրմէս կը խօսիմ։ Ան որ ինքնիրմէ կը խօսի, իր անձին փառքը կը փնտռէ, բայց ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, անիկա ճշմարիտ է եւ անոր քով անիրաւութիւն չկայ։ Մովսէս չտուա՞ւ ձեզի օրէնքը ու ձեզմէ մէ՛կն ալ չի պահեր օրէնքը։ Ինչո՞ւ կ’ուզէք զիս սպաննել»։ Պատասխան տուաւ ժողովուրդը ու ըսաւ. «Դեւ կայ քու ներսդ. ո՞վ կ’ուզէ քեզ սպաննել»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոնց. «Գործ մը գործեցի ու ամէնքդ ալ զարմացեր էք։ Արդ՝ Մովսէս ձեզի թլփատութիւնը տուաւ, (որ ոչ թէ Մովսէսէն էր, հապա նախնիքներէն,) ու շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք։ Եթէ շաբաթ օրը մարդ կը թլփատէք որպէս զի Մովսէսին օրէնքը չքակուի, ինծի կը բարկանա՞ք որ ես շաբաթ օրը ամբողջ մարդ մը բժշկեցի։ Աչքի երեւցածին պէս դատաստան մի՛ ընէք, հապա արդար դատաստան ըրէք»։ Այն ատեն Երուսաղէմացիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ կը փնտռեն սպաննելու համար։ Ահա յայտնի կը խօսի ու բան մը չեն ըսեր անոր. միթէ իշխանները հասկցա՞ն թէ ասիկա ճշմարտապէս Քրիստոսն է։ Սակայն մենք գիտենք թէ ուրկէ՛ է. բայց Քրիստոս երբ գայ, մէ՛կը պիտի չգիտնայ ուրկէ՛ ըլլալը»։ Եւ Յիսուս տաճարին մէջ աղաղակեց՝ սորվեցնելու ատեն. «Զի՛ս ալ կը ճանչնաք եւ ուրկէ՛ ըլլալս ալ գիտէք։ Ես ինքնիրմէս եկած չեմ, հապա ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, որ դուք չէք ճանչնար։ Բայց ես կը ճանչնամ զանիկա, վասն զի ես անկէ եմ եւ անիկա զիս ղրկեց»։ Ուստի կը մտածէին զինք բռնել, բայց մէ՛կն ալ իրեն ձեռք չզարկաւ, վասն զի իր ժամանակը դեռ հասած չէր։ Ժողովուրդէն շատեր հաւատացին իրեն եւ կ’ըսէին. «Քրիստոս երբ գայ, ասոնցմէ աւելի նշաննե՞ր պիտի ընէ, որչափ ասիկա կ’ընէ»։ Փարիսեցիները լսեցին ժողովուրդին այս շշնջիւնը անոր վրայով։ Անոնք եւ քահանայապետները սպասաւորներ ղրկեցին, որպէս զի զանիկա բռնեն։ Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Քիչ մը ժամանակ ալ ձեզի հետ եմ, ապա պիտի երթամ անոր որ զիս ղրկեց։ Զիս պիտի փնտռէք ու պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ»։ Այն ատեն Հրեաները ըսին իրարու. «Ո՞ւր պիտի երթայ ատիկա, որ մենք զինք պիտի չգտնենք. միթէ հեթանոսներուն մէջ ցիրուցան եղածներո՞ւն պիտի երթայ եւ հեթանոսներո՞ւն պիտի սորվեցնէ։ Ի՞նչ է այն խօսքը որ ըսաւ. ‘Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի չգտնէք եւ իմ եղած տեղս դուք չէք կրնար գալ’»։ Տօնին վերջին օրը Յիսուս կայներ էր, կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ։ Ան՝ որ ինծի հաւատայ՝ ինչպէս գիրքը կ’ըսէ. ‘Անոր փորէն կենդանի ջուրի գետեր պիտի բղխին’»։ Այս ըսաւ Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի առնէին, վասն զի Սուրբ Հոգին տրուած չէր տակաւին, քանզի Յիսուս դեռ փառաւորուած չէր։ Ժողովուրդէն շատ մարդիկ երբ այս խօսքը լսեցին՝ ըսին. «Իրաւցընէ ասիկա է մարգարէն»։ Ուրիշներ ըսին. «Ասիկա է Քրիստոսը». ուրիշներ ալ. «Միթէ Քրիստոսը Գալիլիայէ՞ն պիտի գայ։ Չէ՞ որ գիրքը կ’ըսէ թէ Քրիստոս Դաւիթին սերունդէն ու Դաւիթին եղած գիւղէն Բեթլեհէմէն պիտի գայ»։ Ուստի ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն եղաւ անոր համար։ Անոնցմէ ոմանք ուզեցին բռնել զանիկա, բայց մէ՛կը անոր ձեռք չզարկաւ։ Սպասաւորները նորէն գացին քահանայապետներուն եւ փարիսեցիներուն, որոնք հարցուցին. «Ինչո՞ւ զանիկա հոս չբերիք»։ Պատասխան տուին սպասաւորները. «Երբեք մէ՛կը այդ մարդուն պէս խօսած չէ»։ Այն ատեն փարիսեցիները հարցուցին անոնց եւ ըսին. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։ Իշխաններէն կամ փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր. Բայց այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը չեն գիտեր, նզովուած են»։ Նիկոդէմոս ըսաւ անոնց, (որ գիշեր ատեն իրեն գացեր էր եւ անոնցմէ մէկն էր,) «Միթէ մեր օրէնքը մարդ կը դատէ՞, եթէ առաջ անկէ բան մը չլսէ եւ չգիտնայ թէ ի՞նչ կ’ընէ»։ Պատասխան տուին ու ըսին անոր. «Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլիայէն ես. քննէ՛ ու նայէ՛, որ Գալիլիայէն մարդ չելլեր»։ Եւ ամէն մէկը իր տունը գնաց։ Յիսուս Ձիթենեաց լեռը գնաց։ Երբ առտուն նորէն տաճարը եկաւ, բոլոր ժողովուրդը իրեն կու գար ու ինք նստեր կը սորվեցնէր անոնց։ Դպիրներն ու փարիսեցիները շնութեան մէջ բռնուած կին մը բերին անոր ու զանիկա մէջտեղը կայնեցնելով՝ Ըսին իրեն. «Վա՛րդապետ, այս կինը շնութեան մեղքը գործած ատենը բռնուեցաւ։ Մովսէս օրէնքին մէջ մեզի պատուիրեց այսպիսիները քարկոծել։ Հիմա դուն ի՞նչ կ’ըսես ատոր համար »։ Ասիկա կ’ըսէին՝ զանիկա փորձելով, որպէս զի անոր վրայ ամբաստանութիւն ընելու առիթ մը ունենան. բայց Յիսուս դէպի վար ծռելով՝ մատովը գետնին վրայ կը գրէր. Սակայն երբ ստիպեցին՝ հարցնելով իրեն, վեր նայեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ անմեղ եղողը՝ առաջին քարը անիկա թող ձգէ ատոր վրայ»։ Եւ նորէն ծռելով՝ գետնին վրայ կը գրէր։ Անոնք այս լսելով ու իրենց խղճմտանքէն յանդիմանուելով՝ մէկիկ մէկիկ դուրս ելան, ծերերէն սկսած մինչեւ յետինները։ Յիսուս մինակ մնաց ու կինը մէջտեղը կայնած։ Յիսուս վեր նայելով ու կնոջմէն զատ մէկը չտեսնելով՝ ըսաւ անոր. «Ո՛վ կի՛ն, ո՞ւր են անոնք, որ քու վրայովդ ամբաստանութիւն կ’ընէին. մէկը քեզ չդատապարտե՞ց»։ Անիկա ըսաւ. «Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես ալ չեմ դատապարտեր քեզ. գնա՛ ու ասկէ յետոյ մեղք մի՛ գործեր»։ Յիսուս նորէն խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»։ Իսկ փարիսեցիները ըսին անոր. «Դուն քու անձիդ համար կը վկայես, քու վկայութիւնդ ճշմարիտ չէ»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս եւ ըսաւ անոնց. «Թէեւ ես իմ անձիս համար կը վկայեմ, բայց իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, վասն զի գիտեմ ուրկէ՞ եկայ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Իսկ դուք չէք գիտեր ուրկէ՞ կու գամ եւ ո՞ւր կ’երթամ։ Դուք մարմնին նայելով դատաստան կ’ընէք։ Ես բնաւ մէկը չեմ դատեր, Թէեւ դատելու ալ ըլլամ, իմ դատաստանս ճշմարիտ է. վասն զի ես մինակ չեմ, հապա ես եւ Հայրը, որ զիս ղրկեց։ Ձեր օրէնքին մէջ ալ գրուած է թէ՝ ‘Երկու մարդու վկայութիւնը ճշմարիտ է’։ Ե՛ս եմ որ իմ անձիս համար կը վկայեմ ու Հայրն ալ, որ զիս ղրկեց կը վկայէ ինծի համար»։ Այն ատեն ըսին անոր. «Ո՞ւր է քու Հայրդ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ո՛չ զիս կը ճանչնաք եւ ո՛չ՝ իմ Հայրս. եթէ զիս ճանչնայիք իմ հայրս ալ պիտի ճանչնայիք»։ Յիսուս այս խօսքերը խօսեցաւ գանձատունը՝ երբ տաճարին մէջ կը սորվեցնէր ու մէ՛կը չբռնեց զանիկա, վասն զի դեռ անոր ժամանակը հասած չէր։ Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ես կ’երթամ ու զիս պիտի փնտռէք եւ ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք։ Ուր որ ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։ Ասոր վրայ Հրեաները կ’ըսէին. «Միթէ ինքզինք պիտի մեռցնէ՞, որ կ’ըսէ թէ՝ ‘Ուր ես կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’»։ Ըսաւ անոնց. Դուք վարէն էք, ես վերէն եմ. դուք այս աշխարհէն էք, ես այս աշխարհէն չեմ. Անոր համար ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք’, վասն զի եթէ չհաւատաք թէ ես Ան եմ, ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք»։ Այն ատեն ըսին անոր. «Դուն ո՞վ ես»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ինչ որ սկիզբէն ձեզի ըսի։ Շատ բաներ ունիմ ձեզի համար խօսելու եւ դատելու. բայց ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է եւ ես ինչ որ իրմէ լսեցի, զանիկա կը խօսիմ աշխարհի»։ Անոնք չիմացան թէ Հօրը համար կը խօսէր իրենց։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Երբ Որդին մարդոյ բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ ես ով եմ ու ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ. Եւ զիս ղրկողը ինծի հետ է. Հայրը զիս մինակ չթողուց, վասն զի ես միշտ անոր հաճելի եղած բաները կ’ընեմ»։ Երբ ասոնք խօսեցաւ, շատ մարդիկ իրեն հաւատացին։ Այն ատեն Յիսուս իրեն հաւատացող Հրեաներուն ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք Եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ Պատասխան տուին իրեն. «Մենք Աբրահամին սերունդն ենք ու երբե՛ք մէկուն չծառայեցինք. դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ՝ «Ազատ պիտի ըլլաք’»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ ‘Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա մեղքի ծառայ է’։ Եւ ծառան տանը մէջ յաւիտեան չի մնար, բայց որդին յաւիտեան կը մնայ։ Ուստի եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք։ Գիտեմ թէ Աբրահամին սերունդն էք, բայց կը փնտռէք զիս մեռցնել վասն զի իմ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։ Ես ինչ որ տեսայ իմ Հօրս քով՝ զայն կը խօսիմ եւ դուք ալ ինչ որ տեսաք ձեր հօրը քով՝ զայն կ’ընէք»։ Պատասխան տուին ու ըսին անոր. «Մեր հայրը Աբրահամն է»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Եթէ Աբրահամին որդիները ըլլայիք, Աբրահամին գործերը պիտի գործէիք։ Բայց հիմա կը փնտռէք սպաննել զիս, այնպիսի մարդ մը, որ ձեզի ճշմարտութիւնը խօսեցայ, որ Աստուծմէ լսեցի։ Աբրահամ այդ բանը չըրաւ։ Դուք ձեր հօրը գործերը կ’ընէք»։ Այն ատեն ըսին անոր. «Մենք պոռնկութենէ չենք ծնած, մենք մէկ Հայր ունինք, որ է Աստուած»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ Աստուած ձեր Հայրը ըլլար, պիտի սիրէիք զիս. վասն զի ես Աստուծմէ ելայ ու եկայ. ո՛չ թէ ես ինքիրմէս եկայ, հապա անիկա զիս ղրկեց։ Ինչո՞ւ դուք իմ խօսքերս չէք հասկնար։ Անոր համար որ չէք կրնար իմ խօսքիս մտիկ ընել։ Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը։ Բայց որո՛վհետեւ ես ճշմարտութիւն կը խօսիմ, ինծի չէք հաւատար։ Ձեզմէ ո՞վ կրնայ զիս յանդիմանել մեղքի համար. իսկ եթէ ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, ինչո՞ւ ինծի չէք հաւատար։ Ան որ Աստուծմէ է, Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ’ընէ։ Դուք անոր համար մտիկ չէք ըներ, քանզի Աստուծմէ չէք»։ Պատասխան տուին Հրեաները ու ըսին անոր. «Աղէկ չե՞նք ըսեր մենք՝ թէ դուն Սամարացի ես ու դեւ կայ քու ներսդ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. «Իմ ներսս դեւ չկայ, հապա ես իմ Հայրս կը պատուեմ, բայց դուք զիս կ’անարգէք։ Իսկ ես իմ փառքս չեմ փնտռեր։ Կայ մէկը, որ կը փնտռէ ու կը դատէ։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահ պիտի չտեսնէ’»։ Այն ատեն Հրեաները ըսին անոր. «Հիմա գիտցանք թէ քու ներսդ դեւ կայ։ Աբրահամ մեռաւ ու մարգարէներն ալ եւ դուն կ’ըսես. ‘Եթէ մէկը իմ խօսքս պահէ, յաւիտեան մահուան համը պիտի չառնէ’։ Միթէ դուն աւելի՞ մեծ ես մեր հօրմէն՝ Աբրահամէն, որ մեռաւ ու մարգարէներն ալ մեռան. դուն քեզ ո՞վ կը կարծես»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ, իմ փառքս բան մը չէ։ Իմ Հայրս է, որ զիս կը փառաւորէ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ Մեր Աստուածն է, Բայց զանիկա չէք ճանչնար, բայց ես կը ճանչնամ զանիկա ու եթէ ըսեմ թէ զանիկա չեմ ճանչնար, ձեզի պէս ստախօս պիտի ըլլամ. մինչդեռ ես կը ճանչնամ զանիկա եւ անոր խօսքը կը պահեմ։ Ձեր հայրը Աբրահամ՝ ցանկացաւ իմ օրս տեսնել ու տեսաւ եւ ուրախացաւ»։ Իսկ Հրեաները ըսին անոր. «Դուն տակաւին յիսուն տարեկան չկաս, Աբրահա՞մն ալ տեսար»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Աբրահամին ըլլալէն առաջ եմ ես»։ Այն ատեն քարեր վերցուցին որպէս զի անոր վրայ նետեն, բայց Յիսուս ծածկուեցաւ անոնց աչքերէն եւ անոնց մէջէն անցնելով՝ տաճարէն դուրս ելաւ ու գնաց։ Երբ կ’անցնէր, մարդ մը տեսաւ կոյր ծնած։ Իր աշակերտները հարցուցին իրեն ու ըսին. «Ռա՛բբի, որո՞ւնն է մեղքը, ասո՞ր թէ իր ծնողքին, որ անիկա կոյր ծնաւ»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Ո՛չ ատորն է մեղքը, ո՛չ ալ իր ծնողքին, հապա որպէս զի Աստուծոյ գործերը ատոր վրայ յայտնի ըլլան։ Քանի որ ցորեկ է, պէտք է որ զիս ղրկողին գործերը գործեմ. գիշերը կու գայ, երբ մէկը չի կրնար գործել, Քանի որ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ»։ Երբ այս ըսաւ, թքաւ գետինը եւ թուքով կաւ շինեց, այն կաւը կոյրին աչքերուն վրայ ծեփեց Եւ ըսաւ անոր. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ»։ (որ « ղրկուած » կը թարգմանուի։) Ան ալ գնաց ու լուացուեցաւ, եկաւ ու կը տեսնէր։ Դրացիները եւ անոնք որ առաջուընէ տեսած էին զանիկա որ կոյր էր, կ’ըսէին. «Ասիկա չէ՞ր որ կը նստէր եւ կը մուրար»։ Ոմանք կ’ըսէին. «Անիկա է»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Անոր նման մէկն է », իսկ ինք կ’ըսէր. «Ես եմ»։ Ուստի հարցուցին իրեն. «Հապա ի՞նչպէս բացուեցան քու աչքերդ»։ Ինք պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց ու աչքերս ծեփեց եւ ըսաւ ինծի. ‘Գնա՛ Սելովամի աւազանը ու լուացուէ՛’. ես ալ գացի, լուացուեցայ ու կը տեսնեմ»։ Ըսին իրեն. «Ո՞ւր է անիկա»։ Ըսաւ անոնց. «Չեմ գիտեր»։ Փարիսեցիներուն տարին զանիկա, որ ատենով կոյր էր։ Շաբաթ օր էր, երբ Յիսուս կաւը շինեց ու անոր աչքերը բացաւ։ Փարիսեցիներն ալ կը հարցնէին իրեն թէ՝ «Ի՞նչպէս կը տեսնէ»։ Անիկա ալ ըսաւ անոնց. «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ»։ Ասոր վրայ փարիսեցիներէն ոմանք կ’ըսէին. «Այն մարդը Աստուծմէ չէ, վասն զի շաբաթ օրը չի պահեր»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Ի՞նչպէս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ ընել»։ Անոնց մէջ երկպառակութիւն կար։ Նորէն ըսին կոյրին. «Դուն ի՞նչ կ’ըսես անոր համար, որ քու աչքերդ բացաւ»։ Ան ալ ըսաւ թէ՝ ‘Մարգարէ մըն է’։ Իսկ Հրեաները չէին հաւատար՝ թէ կոյր էր ու բացուեցաւ, մինչեւ որ անոր ծնողքը կանչեցին, Եւ անոնց հարցուցին. «Ա՞յս է ձեր որդին, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ կոյր ծնաւ. հապա հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ»։ Անոր ծնողքը պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Գիտենք թէ ասիկա է մեր որդին եւ որ ինք կոյր ծնաւ։ Բայց հիմա ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ ատոր աչքերը՝ մենք չենք գիտեր, ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք, թող ինք խօսի իրեն համար»։ Այսպէս ըսին անոր ծնողքը Հրեաներէն վախնալնուն համար, քանզի Հրեաները միաբան հաւանութեամբ որոշեր էին, որ եթէ մէկը զանիկա Քրիստոս դաւանի, ժողովարանէն դուրս ձգուի։ Ասոր համար անոր ծնողքը ըսին թէ «Ինք չափահաս է, իրեն հարցուցէք»։ Ետքը նորէն կանչեցին այն մարդը որ կոյր էր ու ըսին անոր. «Աստուծոյ փառք տուր, մենք գիտենք թէ այն մարդը մեղաւոր է»։ Անիկա ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եթէ մեղաւոր է՝ ես չեմ գիտեր. միայն այս գիտեմ թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ»։ Նորէն ըսին անոր. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, քու աչքերդ ի՞նչպէս բացաւ»։ Պատասխան տուաւ անոնց. «Հիմա ըսի ձեզի ու չլսեցի՞ք. ինչո՞ւ համար նորէն լսել կ’ուզէք. միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք անոր աշակերտ ըլլալ»։ Անոնք նախատելով զանիկա, ըսին. «Դուն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք Մովսէսին աշակերտներն ենք։ Մենք գիտենք թէ Աստուած Մովսէսին հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա չենք գիտեր թէ ուրկէ՞ է»։ Պատասխան տուաւ մարդը եւ ըսաւ անոնց. «Ատիկա է զարմանալի բանը՝ որ դուք չէք գիտեր թէ ուրկէ՞ է, բայց անիկա իմ աչքերս բացաւ։ Գիտենք թէ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չըներ, բայց եթէ մէկը աստուածապաշտ ըլլայ ու անոր կամքը կատարէ, անոր մտիկ կ’ընէ։ Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած չէ որ մարդ մը կոյր ծնածի մը աչքերը բացած ըլլայ։ Եթէ Աստուծմէ չըլլար այն մարդը, բա՛ն մըն ալ չէր կրնար ընել»։ Պատասխան տուին եւ ըսին անոր. «Դուն բոլորովին մեղքերու մէջ ծնած ես ու մեզի վարդապետութի՞ւն կ’ընես»։ Եւ դուրս ըրին զանիկա։ Յիսուս լսեց թէ զանիկա դուրս ըրին, երբ գտաւ զանիկա, ըսաւ անոր. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Տէ՛ր, ո՞վ է՝ որ հաւատամ անոր»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Տեսար զանիկա, քեզի հետ խօսողը՝ ա՛ն է»։ Անիկա ալ ըսաւ. «Կը հաւատամ, Տէ՛ր» ու անոր երկրպագութիւն ըրաւ։ Յիսուս ըսաւ. «Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէս զի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան»։ Փարիսեցիներէն ոմանք, որոնք իրեն հետ էին, այս բաները լսելով՝ ըսին իրեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք, դուք մեղք չէիք ունենար, բայց հիմա կ’ըսէք թէ ‘Կը տեսնենք’, ասոր համար ձեր մեղքը ձեր վրայ կը մնայ»։ «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։ Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է։ Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք։ Երբ իր ոչխարները կը հանէ, անոնց առջեւէն կ’երթայ ու ոչխարները իր ետեւէն կ’երթան, վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան։ Սակայն օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար»։ Յիսուս այս առակը ըսաւ անոնց, բայց անոնք չէին իմանար թէ ի՞նչ էր որ իրենց կը խօսէր։ Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’։ Ամէն անոնք որ ինծմէ առաջ եկան, գող ու աւազակ էին, բայց անոնց չլսեցին ոչխարները։ ‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինծմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ։ Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն գողնալու եւ սպաննելու ու կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՛լ աւելի ունենան։ ‘Ես եմ բարի հովիւը’. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ։ Բայց վարձկանը, որ հովիւ չէ ու ոչխարները իրը չեն, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ, կը թողու ոչխարները ու կը փախչի եւ գայլը կը յափշտակէ ոչխարները ու զանոնք կը ցրուէ։ Եւ վարձկանը կը փախչի, վասն զի վարձկան է ու ինք հոգ չ’ըներ ոչխարներուն համար։ Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս։ Ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ, ես ալ Հայրը կը ճանչնամ ու իմ կեանքս ոչխարներուն համար կը դնեմ։ Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս բակէն չեն. զանոնք ալ պէտք է որ բերեմ ու իմ ձայնիս մտիկ պիտի ընեն եւ ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ։ Անոր համար իմ Հայրս զիս կը սիրէ, որովհետեւ ես իմ կեանքս կը դնեմ, որպէս զի նորէն առնեմ զանիկա։ Մէ՛կը չի հաներ զանիկա ինծմէ, հապա ես կը դնեմ զանիկա ինքնիրմէս։ Իշխանութիւն ունիմ զանիկա դնելու եւ իշխանութիւն ունիմ զանիկա նորէն առնելու. այս պատուէրը իմ Հօրմէս առի»։ Նորէն պառակտում եղաւ Հրեաներուն մէջ այս խօսքերուն համար։ Անոնցմէ շատեր կ’ըսէին. «Դեւ կայ ատոր ներսիդին ու խենդեցած է. ինչո՞ւ ատոր մտիկ կ’ընէք»։ Ուրիշներ կ’ըսէին. «Այս խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն. միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրերուն աչքերը բանալ»։ Այն ատեն Երուսաղէմ նաւակատիքի տօն էր։ Ձմեռ էր։ Եւ Յիսուս կը պտըտէր տաճարին մէջ, Սողոմոնին Սրահը։ Հրեաները անոր չորս կողմը առին ու ըսին անոր. «Մինչեւ ե՞րբ մեզ տարակուսանքի մէջ պիտի թողուս. եթէ Քրիստոսը դուն ես, մեզի համարձակ ըսէ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Ձեզի ըսի ու չհաւատացիք։ Այն գործերը որոնք ես իմ Հօրս անունովը կը գործեմ, անոնք կը վկայեն ինծի համար։ Բայց դուք չէք հաւատար, վասն զի իմ ոչխարներէս չէք, ինչպէս ձեզի ըսի՝ ՝։ Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան։ Ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ ու յաւիտեան պիտի չկորսուին եւ մէ՛կը իմ ձեռքէս պիտի չյափշտակէ զանոնք։ Իմ Հայրս, որ զանոնք ինծի տուաւ, բոլորէն մեծ է եւ մէ՛կը չի կրնար իմ Հօրս ձեռքէն յափշտակել։ Ես ու Հայրը մէկ ենք»։ Այն ատեն Հրեաները նորէն քարեր վերցուցին, որպէս զի զանիկա քարկոծեն։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Շատ բարի գործեր ցուցուցի ձեզի իմ Հօրմէս, անոնցմէ ո՞ր գործին համար զիս կը քարկոծէք»։ Հրեաները պատասխան տուին անոր՝ ըսելով. «Բարի գործի համար քեզ չենք քարկոծեր, հապա հայհոյութեան համար, քանզի դուն որ մարդ ես, ինքզինքդ Աստուած կ’ընես»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց. «Չէ՞ որ ձեր օրէնքին մէջ գրուած է. ‘Ես ըսի թէ դուք աստուածներ էք’։ Եթէ աստուածներ կ’անուանէ զանոնք, որոնց Աստուծոյ խօսքը տրուեցաւ, (ու կարելի չէ որ այն գրուածը աւրուի,) Հապա զայն որ Հայրը սրբեց եւ աշխարհ ղրկեց, դուք ինչպէ՞ս անոր կ’ըսէք թէ՝ ‘Հայհոյութիւն կ’ընես’, ‘Աստուծոյ Որդի եմ’ ըսելուս համար։ Եթէ իմ Հօրս գործերը չեմ գործեր, ինծի մի՛ հաւատաք։ Բայց քանի որ կը գործեմ, թէեւ ինծի չէք հաւատար, գոնէ գործերուս հաւատացէք, որպէս զի գիտնաք ու հաւատաք թէ Հայրը իմ մէջս է եւ ես անոր մէջ»։ Նորէն կ’ուզէին զայն բռնել, բայց ան՝ անոնց ձեռքէն խուսափեցաւ։ Նորէն գնաց Յորդանանի անդիի կողմը, այն տեղը, ուր Յովհաննէս առաջ կը մկրտէր ու հոն կեցաւ։ Շատեր գացին անոր ու ըսին. «Իրաւ Յովհաննէս հրաշք մը չըրաւ, Բայց ինչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր համար՝ ամէնը ճշմարիտ էր»։ Եւ շատ մարդիկ հոն անոր հաւատացին։ Մարիամին եւ անոր քրոջ Մարթային գիւղէն, Բեթանիայէն, Ղազարոս անունով մէկը հիւանդ էր։ Ասիկա այն Մարիամն էր, որ Տէրը օծեց ու անոր ոտքերը իր մազերովը սրբեց, որուն եղբայրն էր հիւանդ Ղազարոսը։ Ուստի իր քոյրերը մարդ ղրկեցին անոր ու ըսին. «Տէ՛ր, ահա անիկա, որ դուն կը սիրես, հիւանդ է»։ Յիսուս, երբ լսեց՝ ըսաւ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ, հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէս զի Աստուծոյ Որդին անով փառաւորուի»։ Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրը ու Ղազարոսը։ Երբ լսեց թէ հիւանդ է, եղած տեղը երկու օր ալ կեցաւ։ Անկէ ետքը ըսաւ աշակերտներուն. « Եկէ՛ք, նորէն Հրէաստան երթանք»։ Աշակերտները իրեն ըսին. «Ռաբբի, Հրեաները հիմա քեզ կը փնտռէին քարկոծելու համար, նորէն հո՞ն կ’երթաս»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Չէ՞ որ օրը տասներկու ժամ է։ Եթէ մէկը ցորեկը քալէ՝ չի սահիր, վասն զի այս աշխարհին լոյսը կը տեսնէ. Բայց եթէ մէկը գիշերը քալէ՝ կը սահի, վասն զի իրեն հետ լոյս չկայ»։ Այս բաները ըսելէն յետոյ ըսաւ անոնց. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ»։ Իր աշակերտները ըսին. «Տէ՛ր, եթէ քնացած է, պիտի արթննայ»։ Յիսուս անոր մեռնելուն համար կ’ըսէր, բայց անոնք կը կարծէին թէ քնանալուն մասին կը խօսի։ Այն ատեն Յիսուս յայտնապէս ըսաւ անոնց. «Ղազարոս մեռաւ Եւ ես ուրախ եմ ձեզի համար որ հոն չէի, որպէս զի դուք հաւատաք. բայց եկէ՛ք երթանք անոր»։ Թովմաս, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, ըսաւ իր աշակերտակիցներուն. «Մե՛նք ալ երթանք, որպէս զի անոր հետ մեռնինք»։ Յիսուս երբ գնաց, գտաւ որ անիկա արդէն չորս օրուան գերեզմանը դրուած էր։ Բեթանիա Երուսաղէմի մօտ էր՝ տասնըհինգ ասպարէզի չափ։ Հրեաներէն շատեր Մարթային ու Մարիամին եկած էին, որպէս զի մխիթարեն զանոնք իրենց եղբօրը համար։ Արդ՝ երբ Մարթան լսեց թէ Յիսուս կու գայ, զանիկա դիմաւորելու գնաց, բայց Մարիամ տանը մէջ նստեր էր։ Մարթա ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, իմ եղբայրս չէր մեռներ. Բայց գիտեմ թէ հիմա ալ դուն ինչ որ խնդրես Աստուծմէ, Աստուած պիտի տայ քեզի»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Մարթա ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. Եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի։ Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։ Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, ես հաւատացեր եմ, որ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ որ աշխարհ գալու էիր»։ Ասիկա ըսելէ վերջ, գնաց իր քոյրը Մարիամը գաղտուկ մը կանչեց՝ ըսելով. «Վարդապետը եկեր է ու քեզ կը կանչէ»։ Անիկա լսածին պէս՝ շուտ մը ելաւ ու գնաց անոր։ Յիսուս դեռ գիւղը եկած չէր, հապա այն տեղն էր, ուր Մարթան զինք դիմաւորեց։ Հրեաները, որ անոր հետ տանը մէջ էին ու կը մխիթարէին զանիկա, երբ տեսան թէ Մարիամ շուտ մը ելաւ ու գնաց, իրենք ալ անոր ետեւէն գացին՝ խորհելով թէ գերեզմանը կ’երթայ որպէս զի հոն լայ։ Իսկ Մարիամ, երբ Յիսուսին եղած տեղը հասաւ, զանիկա տեսաւ, անոր ոտքը իյնալով՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ իմ եղբայրս չէր մեռներ»։ Յիսուս երբ տեսաւ զանիկա որ կու լար եւ անոր հետ եղող Հրեաները, որոնք կու լային, իր հոգիին մէջ հառաչեց ու խռովեցաւ, Եւ ըսաւ. «Ո՞ւր դրած էք զանիկա»։ Ըսին իրեն. «Տէ՛ր, եկուր ու տես»։ Յիսուս լացաւ։ Ուստի Հրեաները կ’ըսէին. «Նայեցէք որչա՜փ կը սիրէր զանիկա»։ Անոնցմէ ոմանք ալ կ’ըսէին. «Ատիկա որ կոյրին աչքերը բացաւ, չէ՞ր կրնար ընել որ աս ալ չմեռնէր»։ Յիսուս նորէն իր սրտին մէջ հառաչելով գերեզման գնաց։ Անիկա քարայր մըն էր ու անոր վրայ քար մը դրուած էր։ Յիսուս ըսաւ. «Մէկդի՛ ըրէք այս քարը»։ Մեռելին քոյրը՝ Մարթան՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, որդէն հոտած պիտի ըլլայ, վասն զի չորս օրուան է»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես»։ Այն ատեն մէկդի ըրին քարը։ Յիսուս իր աչքերը վեր վերցուց ու ըսաւ. «Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր։ Ես գիտէի թէ ամէն ատեն ինծի կը լսես. բայց այս բոլորտիքս կայնող ժողովուրդին համար ըսի, որպէս զի հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս»։ Ասիկա ըսելէն ետքը՝ մեծ ձայնով մը կանչեց. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Մեռելն ալ ելաւ՝ ոտքերը ու ձեռքերը պատանքով կապուած եւ երեսը վարշամակով պատուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ»։ Եւ Հրեաներէն շատեր, որոնք Մարիամին հետն էին, Երբ Յիսուսին ըրածը տեսան, հաւատացին իրեն։ Անոնցմէ ոմանք ալ գացին Փարիսեցիներուն ու Յիսուսին ըրածը անոնց պատմեցին։ Ուստի քահանայապետներն ու փարիսեցիները ժողով գումարեցին ու ըսին. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ։ Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը»։ Անոնցմէ մէկը՝ Կայիափա անունով ՝ որ այն տարուան քահանայապետն էր, ըսաւ անոնց. «Դուք բան մը չէ՛ք գիտեր, չէ՛ք ալ խորհիր թէ աղէկ է մեզի՝ որ մարդ մը ժողովուրդին համար մեռնի ու բոլոր ազգը չկորսուի»։ Բայց այս բանը ո՛չ թէ ինքնիրմէ ըսաւ, հապա այն տարուան քահանայապետը ըլլալով, մարգարէացաւ թէ Յիսուս ազգին համար պիտի մեռնէր. Եւ ո՛չ միայն ազգին համար, հապա որպէս զի Աստուծոյ ցիրուցան եղած որդիներն ալ մէկտեղ ժողվէ։ Այն օրէն յետոյ որոշեցին, որ սպաննեն զանիկա։ Ուստի Յիսուս ա՛լ համարձակ չէր պտըտեր Հրեաներուն մէջ, հապա անկէ անապատին մօտ տեղ մը գնաց, քաղաք մը, որուն անունը Եփրայիմ էր ու իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ հոն կեցաւ։ Երբ Հրեաներուն զատիկը մօտեցաւ, անկէ շատ մարդիկ զատկէն առաջ Երուսաղէմ գացին, որպէս զի ինքզինքնին մաքրեն։ Ու կը փնտռէին Յիսուսը ու տաճարին մէջ կեցած ատեննին իրարու կ’ըսէին. «Ձեզի ի՞նչպէս կ’երեւնայ, անշուշտ այս տօնին բնաւ պիտի չգայ»։ Իսկ քահանայապետներն ու փարիսեցիները պատուէր տուեր էին, որ եթէ մէկը գիտնայ անոր ո՛ւր ըլլալը՝ իմացնէ, որպէս զի զանիկա բռնեն։ Յիսուս զատկէն վեց օր առաջ Բեթանիա գնաց, ուր էր Ղազարոսը, որ Յիսուս մեռելներէն յարուցանեց։ Հոն՝ անոր ընթրիք մը պատրաստեցին ու Մարթա սպասաւորութիւն կ’ընէր։ Ղազարոս անոր հետ սեղան նստողներէն մէկն էր։ Իսկ Մարիամ մէկ լիտր նարդոսի պատուական մեծագին իւղ առնելով, Յիսուսին ոտքերը օծեց ու իր մազերովը անոր ոտքերը սրբեց եւ տունը իւղին անուշահոտութիւնովը լեցուեցաւ։ Այն ատեն աշակերտներէն մէկը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդան, որ զանիկա պիտի մատնէր, ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար այդ իւղը չծախուեցաւ երեք հարիւր դահեկանի, որ աղքատներուն տրուէր»։ Ասիկա ըսաւ, թ՛չ թէ աղքատները հոգալուն համար, հապա որ գող էր ու գանձանակը ինք կը պահէր եւ ինչ որ ձգուէր՝ ինք կը կրէր։ Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Թո՛ղ տուր ատոր, այդ բանը իմ թաղմանս օրուանը համար պահեց։ Վասն զի աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ են, բայց ես ամէն ատեն ձեզի հետ պիտի չըլլամ»։ Հրեաներէն շատ ժողովուրդ անոր հոն ըլլալը իմացան ու եկան ո՛չ միայն Յիսուսին համար, հապա որպէս զի Ղազարոսն ալ տեսնեն, որ մեռելներէն յարուցանած էր։ Իսկ քահանայապետները խորհուրդ ըրին, որ Ղազարոսն ալ մեռցնեն. Վասն զի Հրեաներէն շատեր անոր պատճառաւ կ’երթային ու կը հաւատային Յիսուսին։ Հետեւեալ օրը շատ ժողովուրդ, որ տօնին եկած էին, երբ լսեցին թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, Արմաւենիի ոստեր առին ու ելան զանիկա դիմաւորելու եւ կ’աղաղակէին. «Ովսա՛ննա, օրհնեալ է Իսրայէլի թագաւորը՝ որ Տէրոջը անունովը կու գայ»։ Յիսուս աւանակ մը գտնելով՝ անոր վրայ նստաւ, ինչպէս գրուած է. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ահա քու Թագաւորդ կու գայ իշու աւանակի վրայ նստած»։ Անոր աշակերտները առաջ չիմացան այն բաները, բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն մտքերնին բերին թէ այս բաները անոր համար գրուած էին եւ թէ իրենք այս բաները ըրին անոր։ Իրեն հետ եղող ժողովուրդը կը վկայէր թէ ա՛ն Ղազարոսը գերեզմանէն դուրս կանչեց ու մեռելներէն յարուցանեց զանիկա։ Ասոր համար ալ ժողովուրդը զանիկա դիմաւորեց, վասն զի լսեցին թէ անիկա այս հրաշքը ըրած էր։ Իսկ փարիսեցիները իրարու կ’ըսէին. «Կը տեսնէ՞ք որ օգուտ մը չենք կրնար ընել. ահա բոլոր աշխարհ անոր ետեւէն գնաց»։ Քանի մը Յոյներ կային տօնին երկրպագութիւն ընելու ելլողներուն մէջ։ Ասոնք Փիլիպպոսին եկան, որ Գալիլիայի Բեթսայիդայէն էր եւ կ’աղաչէին անոր ու կ’ըսէին. «Տէ՛ր, կ’ուզենք Յիսուսը տեսնել»։ Փիլիպպոս եկաւ ու Անդրէասին ըսաւ եւ յետոյ Անդրէաս ու Փիլիպպոս մէկտեղ Յիսուսին ըսին։ Յիսուս ալ պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Ժամանակը հասաւ, որ փառաւորուի Որդին մարդոյ։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Եթէ ցորենին հատը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, ինք մինակ կը մնայ. բայց եթէ մեռնի, շատ արդիւնք կը բերէ’։ Ան որ իր անձը կը սիրէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ան որ իր անձը այս աշխարհին մէջ կ’ատէ, յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զանիկա։ Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, թող իմ ետեւէս գայ ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ ծառաս ալ հոն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա»։ «Հիմա իմ հոգիս խռոված է եւ ի՞նչ ըսեմ. ‘Հա՛յր, զիս ազատէ այս ժամէն’. բայց ես եկայ այս ժամուան համար։ ‘Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ’»։ Այն ատեն ձայն մը եկաւ երկնքէն. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ»։ Ժողովուրդը, որ կայներ էր ու կը լսէր, կ’ըսէին. «Որոտում կ’ըլլայ»։ Ոմանք ալ կ’ըսէին. «Հրեշտակ խօսեցաւ իրեն հետ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Այս ձայնը ինծի համար չեկաւ, հապա ձեզի համար։ Հիմա է այս աշխարհին դատաստանը, հիմա այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի։ Ես ալ երբ երկրէն բարձրանամ, ամէնքդ ալ ինծի պիտի քաշեմ»։ Այս բանը կ’ըսէր՝ իմացնելով թէ ի՛նչ կերպ մահով պիտի մեռնէր։ Ժողովուրդը անոր պատասխանեց. «Մենք օրէնքէն լսեցինք թէ Քրիստոս յաւիտեան կը մնայ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ պէտք է Որդին մարդոյ բարձրանայ. ո՞վ է այդ Որդին մարդոյ»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քիչ մը ատեն ալ լոյսը ձեզի հետ է. քանի որ լոյսը ունիք, քալեցէ՛ք, որ չըլլայ թէ մութը ձեր վրայ հասնի. վասն զի խաւարի մէջ քալողը չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։ Քանի որ լոյսը ունիք, հաւատացէ՛ք այն լոյսին, որպէս զի լուսոյ որդիներ ըլլաք»։ Յիսուս այս բաները խօսեցաւ ու գնաց պահուեցաւ անոնցմէ։ Թէպէտ այնքան հրաշքներ ըրած էր անոնց առջեւ, բայց անոնք չէին հաւատար իրեն. Որպէս զի կատարուի Եսայի մարգարէին խօսքը, որ ըսաւ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին եւ Տէրոջը բազուկը որո՞ւ յայտնուեցաւ»։ Անոր համար չէին կրնար հաւատալ, քանի որ դարձեալ կ’ըսէ Եսայի. «Անոնց աչքերը կուրցուց եւ անոնց սրտերը թմրեցուց, որ չըլլայ թէ աչքովնին տեսնեն ու սրտովնին իմանան եւ դարձի գան ու ես զանոնք բժշկեմ»։ Այս խօսքը ըսաւ Եսային՝ երբ տեսաւ անոր փառքը ու խօսեցաւ անոր վրայով։ Ամէն պարագայի իշխաններէն ալ շատեր իրեն հաւատացին, բայց փարիսեցիներէն վախնալով զայն չէին դաւանիր, որպէս զի ժողովարանէն դուրս չձգուին. Վասն զի մարդոց փառքը Աստուծոյ փառքէն աւելի սիրեցին։ Յիսուս կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Ան որ ինծի կը հաւատայ, ինծի չի հաւատար, հապա զիս ղրկողին. Եւ ան որ զիս կը տեսնէ, զիս ղրկողը կը տեսնէ։ Ես իբր լոյս եկայ աշխարհ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ ինծի հաւատայ, խաւարի մէջ չմնայ։ Եթէ մէկը իմ խօսքերս լսէ ու չհաւատայ, ես զանիկա պիտի չդատեմ, քանզի ես չեկայ որպէս զի աշխարհը դատեմ, հապա որպէս զի աշխարհը փրկեմ։ Ան, որ զիս կ’անարգէ եւ իմ խօսքերս չընդունիր, կայ մէկը որ զանիկա պիտի դատէ. այն խօսքը որ ես խօսեցայ, ան պիտի դատէ զանիկա վերջին օրը։ Վանս զի ես ինքնիրմէս չխօսեցայ, հապա Հայրը, որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ ինչ որ պիտի խօսիմ։ Եւ գիտեմ թէ անոր պատուիրածը յաւիտենական կեանք է. ուստի ինչ որ ես կը խօսիմ, ինչպէս Հայրը ինծի ըսաւ, այնպէս կը խօսիմ»։ Զատկի տօնէն առաջ՝ Յիսուս գիտնալով թէ իր ժամանակը հասեր է, որ այս աշխարհէն ելլէ Հօրը քով, սիրելով իրենները, որոնք աշխարհի մէջ էին, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք։ Երբ ընթրիքը կ’ըլլար, (Սատանան արդէն Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային սրտին մէջ դրեր էր, որ զանիկա մատնէ,) Յիսուս գիտնալով թէ Հայրը ամէն բան իր ձեռքը տուաւ եւ թէ ինք Աստուծմէ ելաւ ու Աստուծոյ քով պիտի երթայ, Ընթրիքէն ելաւ եւ հանդերձները մէկդի դրաւ ու ղենջակ մը առնելով մէջքը փաթթեց։ Ետքը կոնքին մէջ ջուր լեցուց ու սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ իր փաթթուած ղենջակովը սրբել։ Երբ եկաւ Սիմոն Պետրոսին, ան ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ես ինչ որ կ’ընեմ, դուն հիմա չես իմանար, հապա ետքը պիտի իմանաս»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Բնա՛ւ դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս»։ Պատասխան տուաւ անոր Յիսուս. «Եթէ քեզ չլուամ, դուն ինծի հետ բաժին չունիս»։ Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՛չ միայն ոտքերս, հապա նաեւ ձեռքերս ու գլուխս»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Լուացուածին՝ ոտքերը լուալէն զատ ուրիշ բան պէտք չէ. ա՛լ բոլորովին մաքուր է. եւ դուք մաքուր էք, ո՛չ թէ ամէնքդ», Վասն զի կը ճանչնար զանիկա, որ զինք պիտի մատնէր. անոր համար ըսաւ. «Ոչ թէ ամէնքդ ալ մաքուր էք»։ Երբ անոնց ոտքերը լուաց եւ իր հանդերձները առնելով նորէն սեղան նստաւ, ըսաւ անոնց. «Գիտէ՞ք, ի՛նչ ըրի ձեզի։ Դուք զիս Վարդապետ ու Տէր կը կոչէք եւ աղէկ կ’ընէք, վասն զի այնպէս եմ։ Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ, ոչ ալ ղրկուածը զինք ղրկողէն մեծ է’։ Եթէ դուք այս բաները գիտէք, երանելի էք եթէ ասոնք կատարէք։ Ո՛չ թէ ձեր ամենուն համար կ’ըսեմ, վասն զի ես կը ճանչնամ զանոնք որ ես ընտրեցի, հապա որպէս զի այն գրուածը կատարուի թէ՝ ‘Ան որ ինծի հետ հաց կ’ուտէր, ինծի դէմ կրունկ վերցուց’։ Հիմակուընէ կ’ըսեմ ձեզի երբ դեռ չէ եղեր, որպէս զի երբ ըլլայ, հաւատաք թէ ես ան եմ։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ով որ կ’ընդունի զանիկա զոր ես կը ղրկեմ, զիս կ’ընդունի եւ ո՛վ որ զիս կ’ընդունի, զիս ղրկողը կ’ընդունի’»։ Յիսուս երբ ասիկա ըսաւ, իր հոգիին մէջ խռովեցաւ եւ վկայեց՝ ըսելով. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, որ ձեզմէ մէկը զիս պիտի մատնէ»։ Ուստի աշակերտները տարակուսած իրարու կը նայէին թէ որո՞ւ համար կ’ըսէ։ Աշակերտներէն մէկը կար Յիսուսին քով նստած, զոր Յիսուս կը սիրէր։ Սիմոն Պետրոս անոր աչք կ’ընէր հարցնելու թէ ո՞վ պիտի ըլլայ անիկա՝ որուն համար կ’ըսէ։ Ան ալ Յիսուսին կուրծքին վրայ իյնալով՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞վ է ան»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Անիկա է՝ որուն այս պատառը թրջելով կու տամ»։ Եւ թրջելով պատառը՝ Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդային տուաւ Պատառէն ետքը Սատանան անոր ներսը մտաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ»։ Բայց այս բանը սեղան նստողներէն մէ՛կը չհասկցաւ, թէ ինչո՞ւ համար ըսաւ անոր։ Վասն զի ոմանք կը խորհէին թէ՝ որովհետեւ գանձանակը Յուդան կը պահէր, Յիսուս անոր կ’ըսէր. «Ծախո՛ւ առ ինչ որ մեզի այս տօնին պէտք է, կամ՝ որպէս զի աղքատներուն բան մը տայ»։ Անիկա ալ պատառը առածին պէս շուտ մը դուրս ելաւ ու գիշեր էր։ Երբ անիկա դուրս ելաւ, Յիսուս ըսաւ. «Հիմա փառաւորուեցաւ Որդին մարդոյ ու Աստուած փառաւորուեցաւ անով. Եթէ Աստուած անով փառաւորուեցաւ, Աստուած ալ զանիկա իր անձովը պիտի փառաւորէ եւ շուտով պիտի փառաւորէ զանիկա։ Ո՛րդեակներ, քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ եմ, զիս պիտի փնտռէք եւ ինչպէս Հրեաներուն ըսի թէ՝ ‘Ես ուր որ կ’երթամ, դուք չէք կրնար գալ’, հիմա ձեզի ալ կ’ըսեմ. ‘Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք’։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՞ւր կ’երթաս»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ուր ես կ’երթամ, դուն հիմա չես կրնար իմ ետեւէս գալ, բայց ետքը պիտի գաս իմ ետեւէս»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար քու ետեւէդ գալ. ես իմ կեանքս ալ քեզի համար պիտի դնեմ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Քու կեա՞նքդ պիտի դնես ինծի համար. ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, Հաւը պիտի չխօսի՝ մինչեւ դուն երեք անգամ զիս ուրանաս»։ «Սրտերնիդ չխռովի. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք։ Իմ Հօրս տունը շատ բնակարաններ կան. ապա թէ ոչ՝ ես ձեզի պիտի ըսէի՝ ‘Հիմա կ’երթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ’։ Եւ եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք։ Ո՛ւր որ ես կ’երթամ՝ գիտէք ու ճամբան ալ գիտէք»։ Թովմաս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՞ւր կ’երթաս եւ ի՞նչպէս կրնանք ճամբան գիտնալ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով։ Եթէ զիս ճանչնայիք, իմ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք եւ ասկէ յետոյ պիտի ճանչնաք զանիկա ու տեսնէք զանիկա»։ Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, Հայրը մեզի ցուցուր ու հերիք է մեզի»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ եւ զիս չճանչցա՞ր, Փիլիպպոս։ Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ եւ դուն ի՞նչպէս կ’ըսես թէ Հայրը մեզի ցուցուր։ Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է։ Այն խօսքերը որոնք ես ձեզի կը խօսիմ, ո՛չ թէ ինքնիրմէս կը խօսիմ, հապա Հայրը, որ իմ մէջս բնակած է, անիկա կը գործէ այս գործերը։ Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրը մէջն եմ ու Հայրը իմ մէջս է. Ապա թէ ոչ՝ գոնէ գործերուն համար ինծի հաւատացէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի թէ՝ ‘Ան որ ինծի կը հաւատայ, այն գործերը որոնք ես կը գործեմ, ինք ալ պիտի գործէ եւ անոնցմէ աւելի մեծ գործեր պիտի գործէ’։ Վասն զի ես Հօրս քով կ’երթամ։ Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա, որպէս զի Հայրը Որդիովը փառաւորուի։ Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ։ Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրանքներս պահեցէ՛ք»։ «Ես ալ Հօրը պիտի աղաչեմ եւ ուրիշ մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէս զի յաւիտեան ձեզի հետ բնակի. Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, վասն զի չի տեսներ զանիկա ու չի ճանչնար զանիկա. բայց դուք կը ճանչնաք զանիկա, վասն զի ձեր քով կը բնակի եւ ձեր մէջ պիտի ըլլայ։ Ձեզ որբ չեմ թողուր, կու գամ ձեզի։ Քիչ մը ատենէն ա՛լ աշխարհ զիս պիտի չտեսնէ. բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, վասն զի կենդանի եմ եւ դուք կենդանի պիտի ըլլաք։ Այն օրը պիտի գիտնաք թէ ես իմ Հօրս մէջն եմ եւ դուք իմ մէջս, ես ալ ձեր մէջը։ Ան որ իմ պատուէրներս կը բռնէ ու կը պահէ զանոնք, անիկա է զիս սիրողը եւ ան որ զիս կը սիրէ՝ իմ Հօրմէս պիտի սիրուի ու ես զանիկա պիտի սիրեմ եւ ինքզինքս անոր պիտի յայտնեմ»։ Ըսաւ անոր Յուդա (ոչ Իսկարիովտացին), «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ դուն ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ո՛չ թէ աշխարհի»։ Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ եւ անոր պիտի գանք ու անոր քով օթեւան պիտի ընենք։ Ան որ զիս չի սիրեր, իմ խօսքերս չի պահեր։ Այն խօսքը որ կը լսէք՝ իմս չէ, հապա Հօրս՝ որ զիս ղրկեց։ Այս բաները ձեզի խօսեցայ, քանի որ ձեր քովն եմ, Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ։ Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ։ Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ։ Լսեցիք որ ես ըսի ձեզի թէ ‘Կ’երթամ ու ձեզի կու գամ’. եթէ զիս սիրէիք՝ պիտի ուրախանայիք, որ ես Հօրը քով կ’երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինծմէ մեծ է։ Եւ հիմա դեռ չեղած ըսի ձեզի, որպէս զի երբ ըլլայ՝ հաւատաք։ Ա՛լ ձեզի հետ շատ պիտի չխօսիմ, վասն զի այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի. Միայն թէ աշխարհ գիտնայ որ ես Հայրը կը սիրեմ ու ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ’ընեմ։ Ելէ՛ք, ասկէ երթանք»։ «Ես եմ ճշմարիտ որթը եւ իմ Հայրս մշակն է։ Ամէն ճիւղ որ իմ վրաս է ու պտուղ չի բերեր, կը կտրէ զանիկա։ Ան որ պտուղ կը բերէ, կը մաքրէ զանիկա, որպէս զի ա՛լ աւելի պտուղ բերէ։ Դուք հիմա մաքուր էք այն խօսքով որ ձեզի խօսեր եմ։ Իմ մէջս կեցէք ու ես ձեր մէջ։ Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար ՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք։ Ես որթն եմ ու դուք ճիւղերն էք։ Ան որ իմ վրաս հաստատուած է՝ եւ ես անոր վրայ, անիկա շատ պտուղ պիտի բերէ, վասն զի առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել։ Եթէ մէկը իմ վրաս հաստատուած չէ, անիկա ճիւղի մը պէս դուրս ձգուած ու չորցած է եւ կը ժողվեն զանոնք ու կրակը կը նետեն ու կ’այրեն։ Եթէ դուք իմ մէջս կենաք եւ իմ խօսքերս ալ ձեր մէջ կենան, ի՛նչ որ ուզէք՝ պիտի խնդրէք ու պիտի ըլլայ ձեզի։ Ասով իմ Հայրս փառաւորուեցաւ, որպէս զի դուք շատ պտուղ բերէք ու իմ աշակերտներս ըլլաք»։ «Ինչպէս Հայրս զիս սիրեց, ես ալ ձեզ սիրեցի։ Իմ սիրոյս մէջ հաստատ կեցէք։ Եթէ իմ պատուէրներս պահէք, իմ սիրոյս մէջ պիտի կենաք, ինչպէս ես իմ Հօրս պատուէրները պահեցի եւ անոր սիրոյն մէջ կեցեր եմ։ Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ մնայ ու ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ։ Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ։ Ասկէ ետքը ձեզ ծառայ չեմ անուաներ, վասն զի ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՞նչ կ’ընէ։ Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի։ Ո՛չ թէ դուք զիս ընտրեցիք, հապա ե՛ս ձեզ ընտրեցի ու դրի ձեզ որպէս զի դուք երթաք եւ պտուղ բերէք ու ձեր պտուղը մնայ, որպէս զի իմ անունովս ինչ որ Հօրմէս խնդրէք, ձեզի տայ։ Ասիկա կը պատուիրեմ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք»։ «Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց։ Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք, աշխարհ իրենները կը սիրէր. բայց որովհետեւ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ աշխարհէն ընտրեցի, անոր համար աշխարհ ձեզ կ’ատէ։ Մտքերնիդ բերէք այն խօսքը, որ ձեզի ըսի թէ՝ ‘Ծառան իր տիրոջմէն մեծ չէ’։ Եթէ զիս հալածեցին, ձե՛զ ալ պիտի հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձե՛րն ալ պիտի պահեն։ Բայց այս ամէն բաները պիտի ընեն ձեզի՝ իմ անուանս համար, վասն զի չճանչցան զանիկա որ զիս ղրկեց։ Եթէ ես եկած եւ անոնց խօսած չըլլայի, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա իրենց մեղքին պատճառանք մը չունին։ Ան որ զիս կ’ատէ, իմ Հայրս ալ կ’ատէ։ Եթէ այն գործերը իրենց մէջ ըրած չըլլայի, որոնք ուրիշ մէկը չէ ըրած, անոնք մեղք չէին ունենար. բայց հիմա տեսան ու ատեցին զիս ալ, իմ Հայրս ալ։ Սակայն այս եղաւ որպէս զի կատարուի այն խօսքը, որ իրենց օրէնքին մէջ գրուած է, թէ՝ ‘Զուր տեղը զիս ատեցին’։ Բայց երբ Մխիթարիչը գայ, որ ես Հօրմէն ձեզի պիտի ղրկեմ, ճշմարտութեան Հոգին՝ որ Հօրմէն կ’ելլէ, անիկա ինծի համար պիտի վկայէ։ Եւ դուք ալ կը վկայէք, վասն զի սկիզբէն ի վեր ինծի հետ էք»։ «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի չգայթակղիք։ Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի ձգեն ձեզ ու ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ։ Եւ այս բաները ձեզի պիտի ընեն՝ անոր համար որ ո՛չ Հայրը ճանչցան, ո՛չ ալ՝ զիս։ Բայց այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի երբ ժամանակը գայ, մտքերնիդ բերէք թէ ես ըսի ձեզի։ Այս բաները սկիզբէն չըսի ձեզի, վասն զի ես ձեզի հետ էի»։ «Հիմա ես կ’երթամ զիս ղրկողին քով եւ ձեզմէ մէ՛կն ալ չի հարցներ ինծի թէ ‘Ո՞ւր կ’երթաս’։ Բայց՝ որովհետեւ այս բաները ձեզի խօսեցայ, ձեր սրտերը տրտմութիւնով լեցուցան։ Բայց ես ճշմարիտը կ’ըսեմ ձեզի. ‘Աղէկ է ձեզի, եթէ ես երթամ. քանզի եթէ ես չերթամ, Մխիթարիչը ձեզի չի գար. բայց եթէ երթամ, զանիկա ձեզի պիտի ղրկեմ’։ Եւ ինք երբ գայ, աշխարհը պիտի յանդիմանէ՝ մեղքի համար եւ արդարութեան համար ու դատաստանի համար։ Մեղքի համար՝ որ ինծի չեն հաւատար. Արդարութեան համար՝ որ ես իմ Հօրս քով կ’երթամ եւ ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք. Եւ դատաստանի համար՝ որ այս աշխարհին իշխանը դատապարտուած է։ Ձեզի տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելու, բայց հիմա չէք կրնար տանիլ։ Իսկ երբ ինքը՝ ճշմարտութեան Հոգին՝ գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզ, վասն զի ո՛չ թէ ինքնիրմէ պիտի խօսի, հապա ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի ու գալիքները ձեզի պիտի պատմէ։ Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, վասն զի իմինէս պիտի առնէ ու ձեզի պատմէ։ Այն ամէն բաները, որոնք Հայրը ունի՝ իմս են. անոր համար ձեզի ըսի թէ իմինէս պիտի առնէ ու ձեզի պատմէ»։ «Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք, քանզի ես Հօրը կ’երթամ»։ Ասոր համար աշակերտներէն ոմանք իրարու կ’ըսէին. «Ի՞նչ է այս որ մեզի կ’ըսէ թէ՝ ‘Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք, քանզի ես Հօրը կ’երթամ’»։ Ու կ’ըսէին. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այն ‘Քիչ մըն ալ’ը՝ որ կ’ըսէ. չենք գիտեր ի՞նչ ըսել կ’ուզէ»։ Յիսուս իմանալով որ կ’ուզեն իրեն հարցնել, ըսաւ անոնց. «Ատո՞ր համար իրարու կը հարցնէք, որ ըսի թէ՝ ‘Քիչ մը ատենէն ա՛լ զիս պիտի չտեսնէք եւ դարձեալ քիչ մը ատենէն զիս պիտի տեսնէք’։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհ պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի’։ Կին մը երբ ծնանելու վրայ է՝ տրտմութիւն կ’ունենայ, վասն զի իր ժամը հասած է. բայց երբ տղան ծնանի, ա՛լ նեղութիւնը միտքը չի բերեր ուրախութենէն՝ քանի որ մարդ մը աշխարհ եկաւ։ Յիրաւի հիմա դուք տրտմութիւն ունիք. բայց ես ձեզ նորէն պիտի տեսնեմ եւ ձեր սրտերը ուրախ պիտի ըլլան ու ձեր ուրախութիւնը մէ՛կը ձեզմէ պիտի չհանէ։ Այն օրը ինծի բան մը պիտի չհարցնէք։ Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի։ Մինչեւ հիմա իմ անունովս բա՛ն մը չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք ու պիտի առնէք, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը լման ըլլայ»։ «Այս բաները առակներով խօսեցայ ձեզի. բայց ժամանակ պիտի գայ, որ ա՛լ առակներով պիտի չխօսիմ, հապա յայտնապէս Հօրը վրայով պիտի պատմեմ ձեզի։ Այն օրը իմ անունովս պիտի խնդրէք։ Չեմ ըսեր ձեզի թէ ե՛ս ձեզի համար պիտի աղաչեմ Հօրը. Քանզի ինքը՝ Հայրը՝ ձեզ կը սիրէ, վասն զի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ։ Հօրմէն ելայ ու աշխարհ եկայ. նորէն կը թողում աշխարհը եւ Հօրը կ’երթամ»։ Ըսին անոր իր աշակերտները. «Ահա հիմա յայտնապէս կը խօսիս եւ առակ մըն ալ չես ըսեր։ Հիմա իմացանք թէ ամէն բան գիտես եւ բա՛ն մըն ալ պէտք չէ որ մէկը քեզի հարցնէ. ասով կը հաւատանք թէ Աստուծմէ եկար»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Հիմա կը հաւատա՞ք. Ահա ժամանակ պիտի գայ ու եկած ալ է, որ ցիրուցան պիտի ըլլաք ամէն մէկդ իր տեղը ու զիս մինակ պիտի թողուք. բայց ես մինակ չեմ, վասն զի Հայրը ինծի հետ է։ Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։ Յիսուս երբ ասոնք խօսեցաւ, իր աչքերը դէպի երկինք վերցուց ու ըսաւ. «Հա՛յր, ժամանակը հասեր է, փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէս զի քու որդիդ ալ քեզ փառաւորէ. Ինչպէս իրեն իշխանութիւն տուիր ամէն մարմնի վրայ որ յաւիտենական կեանք տայ այն ամենուն զոր իրեն տուիր։ Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։ Ես քեզ երկրի վրայ փառաւորեցի, այն գործը որ ինծի տուիր ընելու՝ լմնցուցի։ Եւ հիմա, ո՛վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքովը որ աշխարհի ըլլալէն առաջ քովդ ունէի։ Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք աշխարհէն ինծի տուիր։ Քուկդ էին ու ինծի տուիր զանոնք եւ անոնք քու խօսքդ պահեցին։ Հիմա գիտցան թէ այն ամէն բաները որոնք ինծի տուիր, քեզմէ են. Վասն զի այն խօսքերը որոնք ինծի տուիր, ես անոնց տուի, անոնք ալ ընդունեցին եւ ճշմարտութեամբ իմացան թէ ես քեզմէ ելայ ու հաւատացին թէ դուն ղրկեցիր զիս։ Ես անոնց համար կ’աղաչեմ. ոչ թէ՝ աշխարհին համար, այլ անոնց հանար՝ որ դուն ինծի տուիր, վասն զի քուկդ են անոնք։ Եւ ինչ որ իմս է՝ ան քուկդ է եւ ինչ որ քուկդ է՝ ան իմս է ու ես անոնցմով փառաւորուած եմ։ Ես ա՛լ աշխարհի մէջ չեմ, բայց անոնք աշխարհի մէջ են։ Ես քեզի կու գամ, ո՛վ Սուրբ Հայր, քու անունովդ պահէ զանոնք, որ դուն ինծի տուիր, որպէս զի մէկ ըլլան, ինչպէս մենք մէկ ենք։ Երբ ես աշխարհի մէջ անոնց հետ էի, ես կը պահէի զանոնք քու անունովդ։ Անոնք որ դուն ինծի տուիր, ես պահեցի եւ անոնցմէ մէ՛կը չկորսուեցաւ, միայն թէ այն կորստեան որդին, որպէս զի գրուածը կատարուի։ Ա՛լ հիմա քեզի կու գամ։ Աշխարհի մէջ այս բաները կը խօսիմ, որպէս զի իմ ուրախութիւնս իրենց անձերուն մէջ կատարեալ ըլլայ։ Ես քու խօսքդ անոնց տուի ու աշխարհ զանոնք ատեց, վասն զի աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ։ Սրբէ՛ զանոնք քու ճշմարտութիւնովդ։ Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է։ Ինչպէս դուն զիս աշխարհ ղրկեցիր, ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի։ Անոնց համար ես իմ անձս կը սրբացնեմ, որպէս զի իրենք ալ ճշմարտութիւնով սրբանան։ Բայց միայն անոնց համար չեմ աղաչեր, այլ բոլոր անոնց համար ալ, որոնք անոնց խօսքով ինծի պիտի հաւատան. Որպէս զի ամէնքն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս դո՛ւն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս՝ ու ես քու մէջդ, որպէս զի անոնք ալ մեր մէջ մէկ ըլլան եւ աշխարհ հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս։ Այն փառքը որ դուն ինծի տուիր, ես անոնց տուի, որպէս զի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք. (Ես՝ անոնց մէջ եւ դուն՝ իմ մէջս.) որպէս զի իրենք կատարեալ ըլլան միութեան մէջ ու աշխարհ գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս զիս սիրեցիր։ Ո՛վ Հայր, զանոնք որ դուն ինծի տուիր, կ’ուզեմ որ ուր որ ես ըլլամ, անոնք ալ ինծի հետ ըլլան, որպէս զի տեսնեն իմ փառքս, որ ինծի տուիր. վասն զի դուն զիս սիրեցիր աշխարհի սկիզբէն առաջ։ Ո՛վ արդար Հայր, աշխարհ քեզ չճանչցաւ, բայց ես քեզ ճանչցայ եւ ասոնք ճանչցան թէ դո՛ւն զիս ղրկեցիր։ Քու անունդ անոնց ճանչցուցի ու պիտի ճանչցնեմ, որպէս զի այն սէրը, որով դուն զիս սիրեցիր, անոնց մէջ ըլլայ ու ես ալ անոնց մէջ»։ Յիսուս այս բաները ըսելէն յետոյ, իր աշակերտներուն հետ մէկտեղ Կեդրոն հեղեղատին անդիի կողմը գնաց, ուր պարտէզ մը կար, որուն մէջ մտան ինք ու իր աշակերտները։ Յուդա, որ զանիկա պիտի մատնէր, գիտէր այն տեղը, վասն զի Յիսուս շատ անգամ իր աշակերտներուն հետ հոն կը հաւաքուէին Յուդա զինուորներու գունդ մը ու քահանայապետներէն եւ փարիսեցիներէն սպասաւորներ իրեն հետ առնելով՝ այն տեղը գնաց ջահերով ու լապտերներով ու զէնքերով։ Յիսուս իրեն պատահելիք բոլոր բաները գիտնալով՝ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»։ Պատասխան տուին անոր. «Նազովրեցի Յիսուսը»։ Ըսաւ անոնց Յիսուս. «Ե՜ս եմ»։ Յուդան ալ, որ զանիկա պիտի մատնէր, անոնց հետ կայներ էր։ Երբ ըսաւ թէ «Ես եմ», ետ ետ գացին ու գետինը ինկան։ Նորէն հարցուց անոնց. «Ո՞վ կը փնտռէք»։ Անոնք ալ ըսին. «Նազովրեցի Յիսուսը»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Ձեզի ըսի թէ Ե՛ս եմ. ուստի եթէ զիս կը փնտռէք, թող տուէք ատոնք որ երթան»։ Անով կատարուեցաւ այն խօսքը, որ ինք ըսեր էր թէ՝ «Զանոնք որ ինծի տուիր, անոնցմէ մէ՛կն ալ չկորսնցուցի»։ Այն ատեն Սիմոն Պետրոս, որ սուր մը ունէր, քաշեց զանիկա ու քահանայապետին ծառային զարնելով՝ անոր աջ ականջը կտրեց։ Այն ծառային անունը Մաղքոս էր։ Յիսուս ըսաւ Պետրոսին. «Սուրդ իր պատեա՛նը դիր. այն գաւաթը որ Հայրը ինծի տուաւ՝ պիտի չխմե՞մ»։ Զինուորներուն գունդը ու հազարապետը եւ Հրեայ սպասաւորները բռնեցին Յիսուսը ու կապեցին Եւ առաջ Աննային տարին, քանզի ինք այն տարուան քահանայապետին՝ Կայիափային՝ աներն էր։ Ասիկա ա՛յն Կայիափան էր, որ Հրէից խրատ տուաւ թէ՝ ‘Աղէկ է որ մարդ մը կորսուի ժողովուրդին համար’։ Յիսուսին ետեւէն կ’երթային Սիմոն Պետրոս եւ ուրիշ աշակերտ մը։ Այն աշակերտը քահանայապետին ծանօթ ըլլալով՝ Յիսուսին հետ քահանայապետին գաւիթը մտաւ։ Բայց Պետրոս դուրսը գաւիթը կը կենար. ուստի եկաւ միւս աշակերտը, որ քահանայապետին ծանօթն էր եւ խօսեցաւ դռնապանին հետ ու ներս մտցուց Պետրոսը։ Այն ատեն դռնապան աղջիկը ըսաւ Պետրոսին. «Միթէ դո՞ւն ալ այն մարդուն աշակերտներէն ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Չեմ»։ Իսկ ծառաներն ու սպասաւորները հոն կայներ էին եւ կրակ վառած կը տաքնային, քանզի ցուրտ էր։ Պետրոս ալ անոնց հետ կայներ էր ու կը տաքնար։ Քահանայապետը Յիսուսին հարցուց իրեն աշակերտներուն ու վարդապետութեանը վրայով։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ես աշխարհին յայտնի խօսեցայ. ես ամէն ատեն ժողովարաններուն մէջ ու տաճարին մէջ սորվեցուցի, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին ու ծածուկ բան մը չխօսեցայ։ Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնես, լսողներուն հարցուր թէ ի՞նչ խօսեցայ իրենց. ահա ինչ որ խօսեցայ՝ գիտեն իրենք»։ Երբ ասիկա ըսաւ, սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կայներ էր, Յիսուսին ապտակ մը զարկաւ՝ ըսելով. «Այդպէ՞ս պատասխան կու տաս քահանայապետին»։ Յիսուս անոր պատասխանեց. «Եթէ սխալ խօսեցայ, վկայէ սխալին համար. իսկ եթէ ճիշդ խօսեցայ, ինչո՞ւ կը զարնես ինծի»։ Աննան զանիկա կապած՝ Կայիափա քահանայապետին ղրկեց։ Սիմոն Պետրոս ալ հոն կայներ էր ու կը տաքնար եւ ըսին իրեն. «Միթէ դո՞ւն ալ անոր աշակերտներէն ես»։ Անիկա ուրացաւ ու ըսաւ թէ «Չեմ»։ Քահանայապետին ծառաներէն մէկն ալ, այն մարդուն ազգականը, որուն ականջը Պետրոս կտրեր էր, ըսաւ. «Չէ՞ որ ես քեզ տեսայ պարտէզին մէջ անոր հետ»։ Այն ատեն Պետրոս նորէն ուրացաւ։ Նոյն պահուն հաւը խօսեցաւ։ Յիսուսը Կայիափային տունէն կուսակալին պալատը տարին։ Ալ առտու էր։ Իրենք պալատը չմտան, որպէս զի չպղծուին, հապա որպէս զի զատիկը ուտեն։ Ուստի Պիղատոս դուրս ելաւ անոնց ու ըսաւ. «Ի՞նչ ամբաստանութիւն կը ներկայացնէք այս մարդուն դէմ»։ Պատասխան տուին ու ըսին իրեն. «Եթէ ատիկա չարագործ մը չըլլար, քեզի չէինք մատներ զանիկա»։ Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Դուք առէք զանիկա ու ձեր օրէնքին համեմատ անոր դատաստանը տեսէք»։ Հրեաները իրեն ըսին. «Մեզի օրինաւոր չէ մարդ մը մեռցնել»։ Որպէս զի կատարուի Յիսուսին խօսքը, որ ըսաւ՝ իմացնելով թէ ի՛նչ մահով ինք պիտի մեռնէր։ Իսկ Պիղատոս նորէն պալատը մտաւ, կանչեց Յիսուս ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոր. «Ատիկա դուն քեզմէ՞ կ’ըսես, թէ ինծի համար ուրիշներ քեզի ըսին»։ Պատասխան տուաւ Պիղատոս. «Միթէ ես Հրեա՞յ եմ. քու ազգդ եւ քահանայապետները քեզ ինծի մատնեցին. ի՞նչ ըրած ես դուն»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։ Այն ատեն Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ուրեմն դուն թագաւո՞ր մըն ես»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս. «Դուն կ’ըսես, քանզի թագաւոր եմ։ Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ։ Ամէն մարդ որ ճշմարտութենէն է՝ իմ ձայնիս ականջ կը դնէ»։ Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։ Ասիկա ըսելով՝ նորէն դուրս ելաւ Հրեաներուն եւ ըսաւ անոնց. «Ես յանցանք մը չեմ գտներ անոր վրայ։ Բայց սովորութիւն ունիք որ մարդ մը արձակեմ ձեզի զատկին։ Հիմա կ’ուզէ՞ք որ Հրէից թագաւորը արձակեմ ձեզի»։ Այն ատեն ամէնքն ալ նորէն աղաղակեցին՝ ըսելով. «Մի՛ արձակեր ատիկա, հապա Բարաբբան»։ Բարաբբա աւազակ մըն էր։ Այն ատեն Պիղատոս առաւ Յիսուսը ու ծեծեց։ Զինուորներն ալ փուշերէ պսակ հիւսելով՝ անոր գլուխը դրին եւ անոր ծիրանի հանդերձ մը հագցուցին. Ու կ’ըսէին. «Ողջո՜յն քեզ, Հրէի՛ց թագաւոր» եւ ապտակներ կը զարնէին անոր։ Պիղատոս նորէն դուրս ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Ահա զանիկա դուրս կը բերեմ ձեզի, որպէս զի գիտնաք թէ ես անոր վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։ Այն ատեն Յիսուս դուրս ելաւ՝ փշեղէն պսակն ու ծիրանի հանդերձը հագած եւ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Ահա՛ այն մարդը»։ Քահանայապետներն ու սպասաւորները երբ տեսան զանիկա, աղաղակեցին ու ըսին. «Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ [ատիկա]»։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Դո՛ւք առէք ատիկա ու խաչը հանեցէք, վասն զի ես ատոր վրայ յանցանք մը չեմ գտներ»։ Հրեաները պատասխան տուին իրեն. «Մենք օրէնք ունինք եւ մեր օրէնքին համեմատ պէտք է որ մեռնի, վասն զի ինքզինք Աստուծոյ Որդի ըրաւ»։ Երբ Պիղատոս այս խօսքը լսեց, ա՛լ աւելի վախցաւ։ Ու նորէն պալատը մտնելով՝ ըսաւ Յիսուսին «Ուրկէ՞ ես դուն»։ Բայց Յիսուս պատասխան չտուաւ անոր։ Ուստի Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ինծի հետ չե՞ս խօսիր. չե՞ս գիտեր թէ ես իշխանութիւն ունիմ քեզ խաչը հանելու ու իշխանութիւն ունիմ քեզ արձակելու»։ Յիսուս պատասխան տուաւ. «Դուն իմ վրաս իշխանութիւն մըն ալ չէիր ունենար, եթէ քեզի վերէն տրուած չըլլար։ Անոր համար՝ ան որ զիս քեզի մատնեց, անոր մեղքը աւելի մեծ է»։ Անկէ յետոյ Պիղատոս կը փնտռէր թէ ի՛նչպէս զանիկա արձակէ. բայց Հրեաները կ’աղաղակէին ու կ’ըսէին. «Եթէ ատիկա արձակես, կայսրին բարեկամը չես. ամէն ով որ ինքզինք թագաւոր կ’անուանէ, անիկա Կայսրին հակառակ կը խօսի»։ Իսկ Պիղատոս, երբ այս խօսքը լսեց, դուրս հանեց Յիսուսը ու նստաւ բեմին վրայ, այն տեղը որ Քարայատակ կը կոչուէր եւ Եբրայեցերէն՝ Կապպաթա. (Զատկին ուրբաթ օրն էր ու ժամը վեցին ատեններն էր.) եւ Հրեաներուն ըսաւ. «Ահա ձեր թագաւորը»։ Բայց անոնք աղաղակեցին. «Վերցո՛ւր, վերցո՛ւր, խա՛չը հանէ ատիկա»։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. «Ձեր թագաւորը խա՞չը հանեմ»։ Քահանայապետները պատասխան տուին. «Մենք կայսրէն զատ թագաւոր չունինք»։ Այն ատեն անոնց ձեռքը տուաւ զանիկա, որպէս զի խաչուի։ Անոնք ալ առին Յիսուսը ու կը տանէին. Յիսուս իր խաչը վերցնելով՝ ելաւ գագաթ ըսուած տեղը, որ Եբրայեցերէն Գողգոթա կը կոչուի։ Հոն զանիկա խաչը հանեցին եւ անոր հետ ուրիշ երկուք ալ՝ ամէն մէկը մէկ կողմը եւ մէջտեղը Յիսուսը։ Տախտակ մըն ալ գրեց Պիղատոս ու դրաւ խաչին վրայ, ուր այսպէս գրուած էր. «Յիսուս Նազովրեցի՝ Թագաւոր Հրեաներու»։ Եւ տախտակը Հրեաներէն շատեր կարդացին, վասն զի քաղաքին մօտ էր այն տեղը՝ ուր Յիսուս խաչուեցաւ ու գրուած էր Եբրայեցերէն, Յունարէն եւ Լատիներէն։ Այն ատեն Հրէից քահանայապետները Պիղատոսին ըսին. «Մի՛ գրեր Թագաւոր Հրեաներու, հապա թէ՝ ‘Ինք ըսաւ, Թագաւոր եմ Հրեաներու’»։ Պիղատոս պատասխան տուաւ. «Ինչ որ գրեցի՝ գրեցի»։ Զինուորները երբ Յիսուսը խաչը հանեցին, անոր հանդերձները առին ու չորս բաժին ըրին, ամէն մէկ զինուորին բաժին մը. իսկ պատմուճանը առանց կարի էր, վերէն վար հիւսուած. Ուստի ըսին իրարու. «Ատիկա չպատռենք, հապա վիճակ ձգենք ատոր վրայ, թէ որո՞ւ պիտի ըլլայ». որպէս զի կատարուի այն գրուածը որ կ’ըսէ. «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ բաժնեցին եւ իմ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»։ Ահա զինուորները այս բաները ըրին։ Յիսուսին խաչին քով կայներ էին իր մայրը եւ իր մօրը քոյրը՝ Մարիամ, Կղէովպասի կինը ու Մարիամ Մագդաղենացին։ Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ այն աշակերտը որ կը սիրէր, որ մօտը կայներ էր, ըսաւ իր մօրը. «Ո՛վ կին, ահա քու որդիդ»։ Ետքը ըսաւ աշակերտին. «Ահա՛ քու մայրդ»։ Եւ այն ժամանակէն աշակերտը զանիկա իր քով առաւ։ Անկէ ետք, Յիսուս գիտնալով թէ արդէն ամէն բան լմնցած է, (որպէս զի գրուածը կատարուի,) ըսաւ. «Ծարաւ եմ»։ Եւ հոն քացախով լեցուն աման մը կար. անոնք քացախով սպունգ մը լեցնելով զոպայի մշտիկի վրայ փաթթուած՝ անոր բերնին մօտեցուցին։ Ուստի Յիսուս երբ քացախը առաւ՝ ըսաւ. « Ամէն բան կատարուեցաւ» ու գլուխը ծռելով՝ հոգին աւանդեց։ Այն ատեն Հրեաները, որովհետեւ ուրբաթ օր էր եւ որպէս զի այն մարմինները խաչին վրայ չմնան մինչեւ շաբաթ օրը, (վասն զի այն շաբաթը մեծ օր էր,) Պիղատոսին աղաչեցին, որ անոնց սրունքները կոտրտեն ու վերցուին։ Զինուորները եկան ու առաջինին սրունքները կոտրտեցին, նաեւ միւսինը՝ որ անոր հետ խաչը ելած էր։ Բայց երբ Յիսուսին մօտեցան ու տեսան թէ արդէն մեռած էր, անոր սրունքները չկոտրտեցին. Բայց զինուորներէն մէկը գեղարդով անոր կողը խոցեց եւ շուտ մը արիւն ու ջուր ելաւ։ Եւ ան որ տեսաւ այս բաները ՝ վկայեց ու անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է եւ ինք գիտէ թէ ճշմարիտը կ’ըսէ, որպէս զի դուք [ալ] հաւատաք։ Վասն զի այս բաները եղան որպէս զի կատարուի այն գրուածը թէ՝ «Անոր մէ՛կ ոսկորը պիտի չկոտրուի»։ Ուրիշ գրուած մը կ’ըսէ թէ՝ «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։ Ասկէ ետք Յովսէփ, որ Արիմաթիայէն էր, (Յիսուսի աշակերտը եղած՝ բայց գաղտուկ՝ Հրեաներուն վախէն,) խնդրեց Պիղատոսէն որ Յիսուսին մարմինը վերցնէ։ Պիղատոս ալ հրաման տուաւ. ուստի եկաւ, վերցուց Յիսուսին մարմինը։ Նիկոդէմոս ալ եկաւ (որ առաջուընէ գիշերով իր քով եկեր էր,) ու բերաւ հարիւր լիտրի չափ զմուռսի ու հալուէի խառնուրդ մը։ Յիսուսին մարմինը առին, խունկերով փաթթեցին զանիկա կտաւներու մէջ, ինչպէս Հրեաները սովորութիւն ունին։ Այն տեղը, ուր խաչուեցաւ, պարտէզ մը կար ու այն պարտէզին մէջ նոր գերեզման մը, որուն մէջ ամենեւին մարդ դրուած չէր։ Հրեաներուն ուրբաթին համար հոն դրին Յիսուսը, վասն զի գերեզմանը մօտ էր։ Մէկշաբթի օրը Մարիամ Մագդաղենացին առտուն՝ դեռ չլուսցած՝ գերեզման կ’երթայ ու կը տեսնէ որ քարը գերեզմանին դռնէն վերցուած է։ Անմիջապէս կը վազէ կ’երթայ Սիմոն Պետրոսին եւ միւս աշակերտին, որ Յիսուսը կը սիրէր եւ կ’ըսէ անոնց. «Տէրը գերեզմանէն վերցուցին ու չենք գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։ Ուստի ելան Պետրոսը եւ միւս աշակերտը ու դէպի գերեզմանը գացին։ Երկուքն ալ մէկտեղ կը վազէին եւ միւս աշակերտը Պետրոսէն աւելի շուտ վազելով՝ անկէ առաջ գերեզմանը հասաւ Եւ ծռելով նայեցաւ ու տեսաւ որ կտաւները հոն կը կենային. բայց ինք ներս չմտաւ։ Սիմոն Պետրոս ալ հասաւ, որ անոր ետեւէն կու գար ու գերեզմանը մտաւ եւ տեսաւ կտաւները, որոնք հոն կը կենային Ու վարշամակը, որ անոր գլուխն էր՝ միւս կտաւներուն հետ չէր, հապա ծալուած մէկ կողմը դրուած էր։ Այն ատեն ներս մտաւ միւս աշակերտն ալ, որ առաջ գերեզմանը եկեր էր, տեսաւ ու հաւատաց։ Վասն զի դեռ գրուածը չէին գիտեր, թէ ‘Պէտք է որ անիկա մեռելներէն յարութիւն առնէ’։ Ետքը աշակերտները նորէն իրենց տունը գացին։ Բայց Մարիամ գերեզմանին դուրսը կայներ էր եւ կու լար ու երբ կու լար՝ դէպի գերեզմանը ծռեցաւ նայելու։ Տեսաւ երկու հրեշտակներ ճերմակ հանդերձ ներով, որ նստեր էին, ուր Յիսուսի մարմինը դրուած էր, մէկը գլխուն կողմը ու միւսը ոտքին կողմը։ Անոնք իրեն ըսին. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս»։ Ըսաւ անոնց. «Անոր համար, որ իմ Տէրս գերեզմանէն վերցուցին ու չեմ գիտեր ո՞ւր դրին զանիկա»։ Երբ ասիկա ըսաւ՝ ետին դարձաւ եւ տեսաւ Յիսուսը, որ կայներ էր ու չէր գիտեր թէ Յիսուսն է։ Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես»։ Ինք կարծելով թէ անիկա պարտիզպանն է, ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցիր զանիկա, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր դրիր զայն, որպէս զի ես զանիկա առնեմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Մա՛րիամ»։ Ան ալ դարձաւ ու [Եբրայեցերէն] անոր ըսաւ. «Ռաբբունի», որ Վարդապետ ըսել է։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինծի մի՛ դպչիր, վասն զի դեռ Հօրս քով ելած չեմ. հապա գնա՛ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց. «Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով»։ Մարիամ Մագդաղենացին գնաց ու աշակերտներուն պատմեց թէ ինք Տէրը տեսաւ եւ թէ անիկա այս բաները իրեն ըսաւ։ Նոյն օրը, մէկշաբթի իրիկունը, աշակերտներուն հաւաքուած տեղին դռները գոց էին՝ Հրեաներէն վախնալնուն համար. Յիսուս եկաւ եւ անոնց մէջտեղը կայնեցաւ ու ըսաւ անոնց. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Ասիկա ըսելով՝ իր ձեռքերն ու կողը ցուցուց անոնց։ Աշակերտներն ալ ուրախացան, երբ Տէրը տեսան։ Յիսուս նորէն ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի. ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ»։ Ասիկա ըսելով՝ անոնց վրայ փչեց ու ըսաւ անոնց. «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին»։ Որոնց մեղքերը որ թողուք, թողուած ըլլայ անոնց եւ որոնց մեղքերը որ ետ բռնէք, բռնուած ըլլայ»։ Բայց տասներկուքէն մէկը, Երկուորեակ ըսուած Թովմաս անոնց հետ չէր՝ երբ Յիսուս եկաւ։ Երբ միւս աշակերտները ըսին անոր թէ Տէրը տեսանք, ան ալ ըսաւ անոնց. «Եթէ իր ձեռքերուն վրայ բեւեռներուն նշանը չտեսնեմ ու մատս բեւեռներուն տեղը չխոթեմ եւ իմ ձեռքս անոր կողը չխոթեմ՝ չեմ հաւատար»։ Ութ օր յետոյ դարձեալ աշակերտները ներսն էին, Թովմաս ալ անոնց հետ. եկաւ Յիսուս, թէեւ դռները գոց էին ու կայնեցաւ անոնց մէջտեղը եւ ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի»։ Ետքը ըսաւ Թովմասին. «Մատդ հո՛ս բեր եւ նայէ՛ իմ ձեռքերուս ու բե՛ր քու ձեռքդ ու իմ կողս խոթէ ու մի՛ ըլլար անհաւատ, հապա հաւատացեալ»։ Եւ Թովմաս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Իմ Տէրս եւ իմ Աստուածս»։ Յիսուս ըսաւ անոր. « Որովհետեւ դուն զիս տեսար, ատոր համար հաւատացիր. երանի՜ անոնց, որ տեսած չեն ու կը հաւատան»։ Յիսուս շատ ուրիշ նշաններ ալ ըրաւ իր աշակերտներուն առջեւ, որոնք այս գրքին մէջ գրուած չեն։ Բայց ասոնք գրուեցան, որպէս զի հաւատաք թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին եւ որպէս զի հաւատալով կեանք ունենաք անոր անունովը։ Ասկէ յետոյ Յիսուս նորէն ինքզինք իր աշակերտներուն յայտնեց Տիբերիայի ծովուն եզերքը։ Այսպէս յայտնեց։ Մէկտեղ էին Սիմոն Պետրոս ու Թովմաս, Երկուորեակ կոչուածը եւ Նաթանայէլ, որ Գալիլիայի Կանա քաղաք էն էր ու Զեբեդէոսի որդիները եւ աշակերտներէն ուրիշ երկուք ալ։ Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ես ձուկ որսալու կ’երթամ»։ Ըսին անոր. «Մենք ալ կու գանք քեզի հետ»։ Ելան եւ շուտ մը նաւը մտան։ Այն գիշերը բան մը չբռնեցին։ Առտուն, Յիսուս ծովուն եզերքը կայներ էր, բայց աշակերտները չճանչցան թէ Յիսուսն է։ Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Տղա՛ք, ուտելու բան մը ունի՞ք»։ Պատասխան տուին իրեն. «Ո՛չ»։ Եւ ըսաւ անոնց. «Ուռկանը նաւին աջ կողմը ձգեցէք ու պիտի գտնէք»։ Երբ ձգեցին, ձուկերուն շատութենէն՝ չէին կրնար զանիկա քաշել։ Այն ատեն այն աշակերտը որ Յիսուսին սիրելի էր ըսաւ Պետրոսին. «Անիկա Տէրն է»։ Իսկ Սիմոն Պետրոս, երբ լսեց թէ Տէրն է, վերարկուն վրան առաւ, վասն զի մերկ էր ու ծովը նետուեցաւ։ Միւս աշակերտները նաւակով եկան, (վասն զի ցամաքէն հեռու չէին, միայն երկու հարիւր կանգունի չափ,) եւ ուռկանը ձուկերովը քաշեցին։ Երբ ցամաքը ելան, հոն վառուած կրակ տեսան, վրան ձուկ դրուած եւ հաց։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Բերէք այդ ձուկերէն, որոնք դուք հիմա բռնեցիք»։ Սիմոն Պետրոս նաւը մտաւ եւ ուռկանը ցամաք քաշեց, հարիւր յիսուներեք խոշոր ձուկերով լեցուն. Թէեւ այնչափ շատ բան կար, բայց ուռկանը չպատռուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եկէ՛ք, ճաշ ըրէք»։ Աշակերտներէն մէ՛կն ալ չէր համարձակեր անոր հարցնել. «Դուն ո՞վ ես». Վասն զի գիտէին թէ Տէրն է։ Այն ատեն Յիսուս եկաւ ու առաւ հացը եւ անոնց տուաւ, նոյնպէս ալ՝ ձուկը։ Այս երրորդ անգամն էր, որ Յիսուս իր աշակերտներուն երեւցաւ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելէն յետոյ։ Երբ ճաշը ըրին, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսին. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ գառնուկներս»։ Նորէն երկրորդ անգամ ըսաւ անոր. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, դուն գիտես թէ քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։ Ըսաւ անոր երրորդ անգամ. «Սիմո՛ն, Յովնանին որդին, զիս կը սիրե՞ս»։ Պետրոս տրտմեցաւ, որ երեք անգամ իրեն ըսաւ թէ «Զիս կը սիրե՞ս» եւ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն ամէն բան գիտես, դուն գիտես թէ ես քեզ կը սիրեմ»։ Ըսաւ անոր Յիսուս. «Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։ «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, թէ երբ դուն պատանի էիր, ինքնիրմէդ գօտի կը կապէիր ու կ’երթայիր ուր որ ուզէիր. բայց երբ ծերանաս, ձեռքերդ վե՛ր պիտի բռնես եւ ուրիշը գօտիդ պիտի կապէ ու պիտի տանի ուր չես ուզեր»։ Այս բանը ըսաւ՝ ցուցնելով թէ անիկա ի՛նչ մահով պիտի փառաւորէ Աստուած։ Ու երբ ասիկա ըսաւ, ըսաւ անոր. «Եկո՛ւր իմ ետեւէս»։ Այն ատեն Պետրոս ետեւ դարձաւ ու տեսաւ այն աշակերտը որ Յիսուս կը սիրէր, որ ետեւէն կ’երթար, (որ նաեւ ընթրիքին ատենը անոր կուրծքին վրայ ինկեր եւ ըսեր էր. ‘Տէ՛ր, ո՞վ է որ քեզ պիտի մատնէ’։) Պետրոս զանիկա տեսնելով՝ ըսաւ Յիսուսին. «Տէ՛ր, հապա ասիկա ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է. դուն իմ ետեւէս եկուր»։ Այս խօսքը ելաւ եղբայրներուն մէջ թէ այն աշակերտը պիտի չմեռնի. սակայն Յիսուս չըսաւ անոր թէ ‘Պիտի չմեռնի, հապա՝ Եթէ ես ուզեմ որ ատիկա կենայ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է’։ Ասիկա այն աշակերտն է, որ կը վկայէ այս բաներուն համար, որ գրեց ալ այս բաները ու գիտենք թէ անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է։ Եւ ուրիշ շատ բաներ ալ կան, որոնք Յիսուս ըրաւ, որոնք եթէ մէկիկ մէկիկ գրուած ըլլային, կարծեմ թէ աշխարհս ալ բաւական պիտի չըլլար պարունակելու գրուած գրքերը։ Ամէն։ Առաջին պատմութիւնը ըրի, ո՛վ Թէոփիլոս, այն ամէն բաներուն վրայ, որոնք Յիսուս սկսաւ ընել եւ սորվեցնել։ Մինչեւ այն օրը, երբ Սուրբ Հոգիին միջոցով պատուէր տուաւ իր ընտրած առաքեալներուն ու համբարձաւ. Որոնց ինքզինք ցուցուց՝ կենդանի, իր չարչարանքներէն յետոյ շատ ապացոյցներով, քառասուն օրուան մէջ անոնց երեւնալով ու Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայ խօսելով։ Անոնց հետ մէկտեղ գտնուած ատենը ապսպրեց անոնց, որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին, որ ըսաւ. «Ինծմէ լսեցիք, Վասն զի իրա՛ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք»։ Անոնք ալ մէկտեղ գալով՝ կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։ Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ. Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։ Եւ երբ այս բաները ըսաւ, մինչ անոնք կը նայէին, համբարձաւ։ Ամպ մը զանիկա անոնց աչքէն ծածկեց։ Երբ աչքերնին տնկած դէպի երկինք կը նայէին անոր ետեւէն, ահա երկու ճերմակ հանդերձներով մարդ իրենց քով կայնեցան, Որոնք ըսին. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։ Այն ատեն Երուսաղէմ դարձան Ձիթենեաց լեռնէն, որ շաբաթ օրուան ճամբու չափ մօտ է Երուսաղէմի։ Երբ քաղաքը մտան ելան վերնատունը, ուր կը բնակէին Պետրոսը եւ Յակոբոսը, Յովհաննէսը եւ Անդրէասը, Փիլիպպոսը եւ Թովմասը, Բարթողիմէոսը եւ Մատթէոսը, Յակոբոս Ալփէոսեանն ու Սիմոն Նախանձայոյզը եւ Յուդա Յակոբեան։ Ասոնք ամէնքը միաբանութեամբ միշտ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէին կիներուն հետ եւ Յիսուսին մօրը Մարիամին ու անոր եղբայրներուն հետ մէկտեղ։ Այն օրերը Պետրոս ելաւ աշակերտներուն մէջ, ( ուր հարիւր քսան հոգիի չափ հաւաքուած բազմութիւն կար,) ու ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, պէտք է որ կատարուէր այն գրուածը, որ նախապէս Սուրբ Հոգին Դաւիթին բերնով ըսաւ Յուդայի համար, որ Յիսուսը բռնողներուն առաջնորդ եղաւ. Վասն զի անիկա մեզի հետ էր մեր համրանքին մէջ եւ այս պաշտօնէն ալ բաժին ունէր։ Ասիկա անիրաւութեան վարձքով ագարակ մը ստացաւ ու գլխիվար իյնալով մէջտեղէն ճեղքուեցաւ եւ իր փորոտիքը դուրս թափուեցաւ։ Ու այս բանը Երուսաղէմ բնակողներուն յայտնի եղաւ, այնպէս որ իրենց լեզուովը այն ագարակին անունը Ակեղդամա դրուեցաւ, այսինքն՝ Արեան Ագարակ։ Վասն զի Սաղմոսներու մէջ գրուած է թէ ‘Անոր բնակարանը աւերակ ըլլայ ու անոր մէջ բնակող մը չըլլայ։ Անոր պաշտօնը ուրիշը առնէ’։ Ուրեմն պէտք է որ այս մարդոցմէն՝ որոնք մեզի հետ էին այն բոլոր ատենը, երբ Տէր Յիսուս մեր մէջ մտաւ ու ելաւ՝ Յովհաննէսին մկրտութենէն սկսած՝ մինչեւ այն օրը որ մեզմէ համբարձաւ՝ ասոնցմէ մէկը մեզի հետ վկայ ըլլայ անոր յարութեանը»։ Երկու հոգի կայնեցուցին Յովսէփը, որ Բարսաբա կը կոչուէր, որ Յուստոս ալ մականուանուեցաւ ու Մատաթիան։ Աղօթելով՝ ըսին. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, որ ամենուն սիրտը կը ճանչնաս, այս երկուքէն ո՞ր մէկը ընտրեցիր, մեզի յայտնէ. Որպէս զի այս պաշտօնին եւ առաքելութեանը վիճակը առնէ, որմէ Յուդա ինկաւ իր տեղը երթալու»։ Անոնց համար վիճակ ձգեցին ու վիճակը Մատաթիային ելաւ։ Անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն հետ սեպուեցաւ։ Երբ Պէնտէկոստէի տօնը հասաւ, ամէնքն ալ միաբան մէկտեղ էին։ Յանկարծակի երկնքէն ձայն մը եղաւ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս եւ բոլոր տունը լեցուց՝ ուր նստեր էին Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ՝ ու ամէն մէկուն վրայ նստան։ Եւ ամէնքն ալ Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու սկսան ուրիշ լեզուներով խօսիլ, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար։ Երուսաղէմի մէջ բնակող Հրեաներ կային՝ աստուածավախ մարդիկ՝ երկնքի տակ եղած բոլոր ազգերէն ժողվուած, Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը մէկտեղ եկաւ ու խռովեցաւ, վասն զի կը լսէին որ անոնք իրենց ամէն մէկուն լեզուովը կը խօսէին։ Ամէքն ալ կը սքանչանային ու կը զարմանային եւ իրարու կ’ըսէին. ‘Չէ՞ որ ահա ասոնք ամէնքն ալ որ կը խօսին, Գալիլիացի են. Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք մենք մեր ամէն մէկ լեզուովը՝ որուն մէջ ծնած ենք, Պարթեւներ եւ Մարեր ու Եղամացիներ եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետքի մէջ եւ Հրէաստանի ու Կապադովկիայի մէջ, Պոնտոսի ու Ասիայի մէջ, Փռիւգիայի եւ Պամփիւլիայի մէջ, Եգիպտոսի մէջ եւ Կիւրենէի մօտ Լիբէացիներու կողմերուն մէջ, նաեւ Հռովմայեցի պանդուխտներ, Թէ՛ Հրեաներ եւ թէ՛ նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբացիներ, կը լսենք որ մեր լեզուներով կը պատմեն Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին’։ Կը սքանչանային ամէնքն ալ ու տարակուսած իրարու կ’ըսէին. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս»։ Ոմանք ալ ծաղր ընելով՝ կ’ըսէին. «Անոնք նոր գինիով լեցուեր են»։ Բայց Պետրոս ելաւ տասնըմէկին հետ մէկտեղ ձայնը վերցուց ու խօսեցաւ անոնց. «Ո՛վ Հրեայ մարդիկ եւ դուք ամէնքդ որ Երուսաղէմ կը բնակիք, այս ձեզի յայտնի ըլլայ ու ականջ դրէք իմ խօսքերուս։ Քանզի ասոնք ո՛չ թէ գինովցած են, ինչպէս դուք կը կարծէք, վասն զի դեռ օրուան երրորդ ժամն է. Հապա ասիկա այն է որ Յովէլ մարգարէին միջոցով ըսուեցաւ. ‘Եւ պիտի ըլլայ որ վերջին օրերը, կ’ըսէ Աստուած, իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան ու ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն Եւ իմ ծառաներուս ու իմ աղախիններուս վրայ ալ այն օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ ու պիտի մարգարէանան։ Վերը երկինքը հրաշքներ պիտի ցուցնեմ ու վարը երկիրը՝ նշաններ, արիւն ու կրակ եւ ծուխի մառախուղ. Արեւը խաւարի պիտի դառնայ եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջը մեծ ու երեւելի օրը չեկած։ Եւ պիտի ըլլայ որ ամէն ո՛վ որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի’։ Ո՛վ Իսրայելացի մարդիկ, լսեցէ՛ք այս խօսքերը, Յիսուս Նազովրեցին, Աստուծմէ ձեզի ցուցուած մարդ մը զօրութիւններով ու հրաշքներով եւ նշաններով, որոնք Աստուած անոր ձեռքով ըրաւ ձեր մէջ, ինչպէս դուք ալ գիտէք, Անիկա Աստուծոյ որոշած խորհրդովը եւ կանխագիտութիւնովը մատնուած ըլլալով՝ առիք եւ անօրէններու ձեռքով փայտի վրայ գամելով սպաննեցիք. Բայց Աստուած յարուցանեց զայն, մահուան ցաւերը քակելով, քանզի հնարաւոր չէր որ ինք անկէ բռնուի։ Վասն զի Դաւիթ անոր համար կ’ըսէ. ‘Ամէն ատեն Տէրը կը տեսնեմ իմ առջեւս, քանզի իմ աջ կողմս է, որպէս զի չսասանիմ. Անոր համար ուրախ եղաւ իմ սիրտս ու իմ լեզուս ցնծաց. նաեւ իմ մարմինս ալ յուսով պիտի հանգստանայ, Վասն զի իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս ու քու Սուրբիդ ալ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս։ Կենաց ճամբաները ինծի ճանչցուցիր. քու երեսիդ ուրախութիւնովը զիս պիտի լեցնես’։ Մարդի՛կ եղբայրներ, արժան է համարձակ ըսել ձեզի Դաւիթ նահապետին համար, որ մեռաւ ու թաղուեցաւ եւ անոր գերեզմանը մինչեւ այսօր մեր մէջն է։ Արդ որովհետեւ անիկա մարգարէ էր եւ գիտէր թէ Աստուած հաստատ երդում ըրաւ իրեն, թէ իր երիկամունքներուն պտուղէն՝ մարմնի կողմանէ՝ Քրիստոսը պիտի յարուցանէ որ իր աթոռը նստի, Ինք կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսին յարութեանը համար եւ թէ անոր անձը գերեզմանը չթողուեցաւ եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ։ Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց, որուն մենք ամէնքս ալ վկայ ենք։ Ուստի Աստուծոյ ձեռքով բարձրանալով ու Սուրբ Հոգիին խոստումը Հօրմէն առնելով՝ տարածեց ասիկա, որ դուք հիմա կը տեսնէք ու կը լսէք։ Վասն զի Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինք կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ՛ իմ աջ կողմս, Մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Ուստի բոլոր Իսրայէլի տունը ճշմարտապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զանիկա Տէ՛ր ալ ըրաւ՝ Օծեա՛լ ալ, այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք»։ Երբ ասիկա լսեցին, իրենց սրտերուն մէջ զղջացին եւ ըսին Պետրոսին եւ միւս առաքեալներուն. «Մարդիկ եղբայրներ, ի՞նչ ընենք»։ Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ապաշխարեցէ՛ք ու ձեզմէ ամէն մէկը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսին անունովը մեղքերու թողութեան համար եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը պիտի ընդունիք։ Վասն զի խոստումը ձեզի է ու ձեր որդիներուն եւ բոլոր հեռու եղողներուն՝ որոնք մեր Տէր Աստուածը պիտի կանչէ»։ Ուրիշ շատ խօսքերով վկայութիւն կու տար ու կը յորդորէր զանոնք եւ կ’ըսէր. «Այս խոտորած ազգէն ինքզինքնիդ ազատեցէ՛ք»։ Անոնք որոնք սրտանց ընդունեցին անոր խօսքերը, մկրտուեցան։ Այն օրը երեք հազար հոգիի չափ աւելցան։ Միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան, միաբանութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու ետեւէն էին։ Ամէն մարդու վրայ վախ ինկաւ եւ առաքեալներուն ձեռքով շատ հրաշքներ ու նշաններ գործուեցան։ Բոլոր հաւատացեալները մէկտեղ էին եւ ամէն բաներնին հասարակաց էր։ Ստացուածքնին եւ ունեցած բաներնին կը ծախէին ու անոնց գինը կը բաժնէին ամենուն, որու որ բան մը պէտք ըլլար։ Ամէն օր միաբանութեամբ տաճարը երթալու ետեւէ էին եւ տուներնին հաց կը կտրէին ու կերակուրնին կ’ուտէին ուրախութեամբ եւ սրտի միամտութեամբ։ Աստուած կ’օրհնէին ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ շնորհք կը գտնէին։ Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ’աւելցնէր եկեղեցիին։ Օր մը Պետրոս ու Յովհաննէս իններորդ ժամու աղօթքին ատենը մէկտեղ տաճար գացին։ Հոն իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած մարդ մը կը բերէին եւ ամէն օր տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը դնէին, որպէս զի տաճարը մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ։ Ան՝ տեսնելով Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, որ տաճարը մտնելու վրայ էին, կ’աղաչէր որ ողորմութիւն տան։ Իսկ Պետրոս Յովհաննէսին հետ մէկտեղ անոր նայեցաւ ու ըսաւ. «Մեզի՛ նայէ»։ Ան ալ դէպի անոնց դարձաւ ու կը յուսար թէ անոնցմէ բան մը պիտի առնէ։ Պետրոս ըսաւ. «Արծաթ ու ոսկի չունիմ, հապա ինչ որ ունիմ՝ զայն քեզի կու տամ։ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունով ելի՛ր ու քալէ՛»։ Անոր աջ ձեռքէն բռնեց ու վերցուց զանիկա ու իսկոյն անոր ոտքին թաթերը ու կոճերը զօրացան։ Եւ վեր ցատկելով կայնեցաւ ու քալեց եւ անոնց հետ տաճարը մտաւ, քալելով ու ցատկելով եւ Աստուած օրհնելով։ Բոլոր ժողովուրդը տեսաւ զանիկա որ կը քալէր ու Աստուած կ’օրհնէր։ Գիտէին թէ ան ողորմութեան համար տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դրանը քով կը նստէր։ Զարմանքով ու ապշութեամբ լեցուեցան այս եղած բանին համար։ Քանի որ անիկա Պետրոսին ու Յովհաննէսին յարեր էր, բոլոր ժողովուրդը զարմացած մէկտեղ վազեցին անոնց քով այն սրահը, որ Սողոմոնին Սրահը կը կոչուէր։ Պետրոս ասիկա տեսնելով՝ ըսաւ ժողովուրդին. «Ո՛վ Իսրայէլացի մարդիկ, ինչո՞ւ զարմացեր էք ասոր վրայ, կամ ինչո՞ւ աչքերնիդ տնկած մեզի կը նայիք։ Միթէ մեր զօրութիւնովը կամ բարեպաշտութիւնո՞վը ատոր քալել տուինք։ Աբրահամին ու Իսահակին եւ Յակոբին Աստուածը, մեր հայրերուն Աստուածը, փառաւորեց իր Որդին Յիսուսը, որ դուք մատնեցիք եւ ուրացաք Պիղատոսին առջեւ՝ երբ ինք վճռեց որ արձակէ։ Բայց դուք այն Սուրբը եւ Արդարը ուրացաք ու խնդրեցիք որ մարդասպան մարդ մը ձեզի շնորհուի. Բայց կենաց Առաջնորդը սպաննեցիք, որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, որուն մենք վկայ ենք։ Անոր անուանը հաւատքով՝ անոր անունը զօրացուց ասիկա, որ դուք կը տեսնէք ու կը ճանչնաք։ Այդ հաւատքն է, որ առողջացուց զայն ձեր ամենուն առջեւ։ Հիմա, ե՛ղբայրներ, գիտեմ թէ չգիտնալով ըրիք, ինչպէս ձեր իշխաններն ալ։ Բայց Աստուած՝ ինչ որ նախապէս իր բոլոր մարգարէներուն բերնով յայտներ էր Քրիստոսին չարչարուելուն մասին՝ այնպէս կատարեց։ Ուստի ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի. Որպէս զի սփոփանքի ժամանակները գան Տէրոջը երեսէն եւ նախապէս ձեզի քարոզուած՝ ՝ Յիսուս Քրիստոսը ղրկէ. Որ պէտք է երկինք ընդունի մինչեւ այն ատենները՝ երբ բոլոր բաները կարգադրուին, որոնց համար Աստուած սկիզբէն ի վեր իր սուրբ մարգարէներուն բերնով խօսած է։ Մովսէս մեր հայրերուն ըսաւ թէ՝ ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ ձեզի. Անոր մտի՛կ ըրէք՝ ամէն ինչ որ ձեզի խօսի’։ Եւ ո՛վ որ այն մարգարէին մտիկ չընէ, ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսուի։ Ու բոլոր մարգարէները, Սամուէլէն սկսած, խօսեցան եւ այս օրերուն համար ալ իմացուցին։ Դուք էք մարգարէներուն որդիները եւ այն ուխտին, որ Աստուած մեր հայրերուն հետ ըրաւ ու ըսաւ Աբրահամին. ‘Քու սերունդովդ պիտի օրհնուին երկրի բոլոր ազգերը’։ Աստուած իր Որդին յարուցանելով՝ առաջ ձեզի ղրկեց զանիկա, որպէս զի ձեզ օրհնէ, ամէն մէկդ ձեր չարութիւններէն դարձնելով»։ Երբ անոնք ժողովուրդին կը խօսէին, քահանաները ու տաճարին իշխանը եւ Սադուկեցիները անոնց վրայ հասան, Նեղուելով որ անոնք ժողովուրդին կը սորվեցնէին, Յիսուսին միջոցով մեռելներէն յարութիւն առնելը կը քարոզէին. Ձերբակալեցին եւ բանտ դրին զանոնք մինչեւ հետեւեալ օրը, վասն զի ալ իրիկուն էր։ Բայց այն խօսքը լսողներէն շատեր հաւատացին։ Անոնց թիւը հինգ հազարի հասաւ։ Հետեւեալ օրը մէկտեղ հաւաքուեցան անոնց իշխանները եւ ծերերն ու դպիրները Երուսաղէմի մէջ, Նաեւ Աննա Քահանայապետն ու Կայիափան եւ Յովհաննէսն ու Աղեքսանդրոսը եւ այն ամէնքը, որ քահանայապետի ցեղէ էին։ Զանոնք մէջտեղը կայնեցուցած՝ կը հարցնէին. «Ի՞նչ զօրութիւնով կամ ի՞նչ անունով ըրիք դուք այս բանը»։ Այն ատեն Պետրոս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ըսաւ անոնց. «Ո՜վ ժողովուրդի իշխաններ եւ ծերեր, Եթէ մենք այսօր տկար մարդու մը եղած բարիքին համար կը քննուինք, թէ ի՞նչ միջոցով անիկա բժշկուեցաւ, Յայտնի ըլլայ ձեզի ամենուդ ու բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին, որ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ դուք խաչեցիք եւ որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա անով ասիկա ձեր առջեւ բժշկուած կեցեր է։ Անիկա է այն քարը, որ ձեզմէ՝ շինողներէդ՝ անարգուած, անկիւնի գլուխ եղաւ։ Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։ Իսկ անոնք Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայելով եւ հասկնալով որ տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են, զարմացան եւ իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին Այն բժշկուած մարդը տեսնելով, որ անոնց հետ կայներ էր, չէին կրնար անոնց դէմ բան մը խօսիլ։ Հրամայելով անոնց, որ ատեանէն դուրս ելլեն, իրարու հետ խորհուրդ ըրին Եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. վասն զի Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն յայտնի է թէ ասոնց ձեռքով երեւելի հրաշք մը եղաւ ու մենք չենք կրնար ուրանալ։ Միայն թէ ժողովուրդին մէջ ա՛լ աւելի չտարածուելու համար՝ սաստիկ սպառնալիք ընենք անոնց, որ այն անունով անգամ մըն ալ չըլլայ որ մարդու բան խօսին»։ Զանոնք կանչելով՝ պատուիրեցին անոնց որ ամենեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսին անունով։ Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։ Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։ Իսկ անոնք նորէն սպառնալիք ընելէ յետոյ՝ արձակեցին զանոնք, քանի որ պատճառ մը չգտան, որ պատժեն զանոնք եւ ժողովուրդին պատճառով, քանզի ամէնքն ալ Աստուած կը փառաւորէին եղած բանին համար։ Վասն զի այն մարդը քառասուն տարեկանէն աւելի էր, որուն վրայ այս բժշկութեան հրաշքը կատարուեցաւ։ Եւ անկէ արձակուելով՝ իրենց խումբին քով գացին ու պատմեցին ինչ որ քահանայապետները եւ ծերերը իրենց ըսած էին։ Անոնք ալ երբ լսեցին, միաբանութեամբ ձայներնին Աստուծոյ վերցուցին՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, դուն ես Աստուածը, որ երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեցիր, Որ քու ծառայիդ Դաւիթին բերնով խօսեցար. ‘Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն ըրին ու ժողովուրդները պարապ բաներ մտածեցին. Երկրի թագաւորները պատրաստ կայնեցան եւ իշխանները մէկտեղ ժողվուեցան Տէրոջը դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ’։ Քանզի արդարեւ [այս քաղաքին մէջ] հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին վրայ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս եւ Պոնտացի Պիղատոս, ազգերուն հետ ու Իսրայէլի ժողովուրդներուն հետ, Ըրին ինչ որ քու ձեռքդ եւ խորհուրդդ սահմանեց առաջուընէ, որ ըլլայ։ Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք, Քու ձեռքդ երկնցնելով բժշկելու եւ քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին անունովը նշաններ ու հրաշքներ կատարուին»։ Երբ անոնք աղօթք ըրին, շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին եւ ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին։ Եւ հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էին։ Անոնցմէ մէ՛կը չէր ըսեր իր ստացուածքներէն մէկուն համար, թէ՝ ‘իրն է’, հապա իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին։ Առաքեալները մեծ զօրութիւնով վկայ էին Տէր Յիսուսին յարութեանը։ Անոնց ամենուն վրայ մեծ շնորհք կար։ Անոնց մէջ կարօտութիւն քաշող մը չկար, վասն զի անոնք որ ագարակներու կամ տուներու տէր էին, կը ծախէին եւ ծախուածներուն գիները կը բերէին Ու առաքեալներուն ոտքը կը դնէին եւ ամէն մէկուն իր կարօտութեանը նայելով կը բաժնուէր։ Եւ Յովսէս, որ առաքեալներէն Բառնաբաս մականուանուեցաւ, (որ կը թարգմանուի Մխիթարութեան որդի,) Ղեւտացի, ծնունդով Կիպրացի, Ագարակ մը ունենալով, ծախեց ու ստակը բերաւ՝ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։ Բայց մարդ մը՝ Անանիա անունով՝ իր կնոջ Սափիրային հետ ստացուածք մը ծախեց, Անոր գինէն խորեց, մինչ կինն ալ գիտէր որ միայն մէկ մասը բերաւ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։ Եւ Պետրոս ըսաւ. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան քու սիրտդ լեցուց, որ դուն Սուրբ Հոգիին սուտ խօսիս ու ագարակին գինէն խորես։ Չէ՞ որ քուկդ էր այն՝ քանի որ կեցեր էր ու ծախուած ալ՝ քու իշխանութեանդ տակ էր. ինչո՞ւ քու սրտիդ մէջ այս բանը դրիր։ Ո՛չ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ»։ Եւ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ մեծ վախ ինկաւ ամենուն վրայ, որոնք ասիկա լսեցին։ Ու երիտասարդները ելան ու պատանքով փաթթեցին զանիկա եւ դուրս հանելով թաղեցին։ Երեք ժամու չափ անցաւ, երբ կինը չգիտնալով ինչ որ եղեր էր՝ ներս մտաւ։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, ագարակը ա՞յնչափ գնով ծախեցիք»։ Ան ալ ըսաւ. «Այո՛, այնչափ»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Այդ ի՞նչ է որ դուք միաբանեցաք Տէրոջը Հոգին փորձելու. ահա քու այրդ թաղողներուն ոտքերը դրանը քով են, քեզ ալ դուրս պիտի հանեն»։ Եւ իսկոյն կինը անոր ոտքերուն քով ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ երիտասարդները ներս մտնելով՝ զանիկա մեռած գտան ու հանեցին իր էրկանը քով թաղեցին։ Եւ մեծ վախ մը ինկաւ բոլոր եկեղեցիին վրայ ու ամենուն վրայ, որոնք այս բաները լսեցին։ Առաքեալներուն ձեռքով շատ նշաններ ու հրաշքներ կ’ըլլային ժողովուրդին մէջ եւ ամէնքը միաբանութեամբ Սողոմոնին Սրահին մէջ էին։ Ոեւէ մէկը չէր համարձակեր անոնց յարիլ, թէեւ ժողովուրդը կը մեծարէր զանոնք։ Տէրոջը հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այրեր եւ կիներ բազմութեամբ, Այնպէս որ հիւանդները հրապարակները կը հանէին եւ պատգարակներով ու մահիճներով կը դնէին, որպէս զի Պետրոսին անցնելու ատենը՝ գոնէ անոր շուքը անոնց մէկուն վրայ իյնայ։ Շրջակայ քաղաքներուն բազմութիւնը Երուսաղէմ կը ժողվուէր, հիւանդներ եւ պիղծ ոգիներէ նեղութիւն կրողներ բերելով, որոնք ամէնքն ալ կը բժշկուէին։ Ոտքի ելաւ քահանայապետը եւ բոլոր իրեն հետ եղողները, որոնք Սադուկեցիներու աղանդէն էին, նախանձով լեցուած, Ու առաքեալները ձերբակալեցին եւ հասարակաց բանտը դրին զանոնք։ Բայց Տէրոջը հրեշտակը գիշերով բանտին դռները բացաւ ու դուրս հանելով զանոնք՝ ըսաւ. «Գացէ՛ք եւ տաճարին մէջ կայնելով ժողովուրդին յայտնեցէք այս կենաց պատգամը» Ու երբ զայս լսեցին, տաճարը մտան առտուն եւ կը սորվեցնէին. իսկ քահանայապետը եկաւ ու իրեն հետ եղողները ու մէկտեղ կանչեցին ժողովը ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ծերակոյտը ժողով գումարեցին եւ մարդ ղրկեցին բանտը, որպէս զի զանոնք բերեն։ Երբ սպասաւորները գացին, զանոնք բանտին մէջ չգտնելով՝ ետ դարձան, պատմեցին Եւ ըսին թէ «Բանտը ամէն զգուշութիւնով գոցուած գտանք ու պահապանները դռներուն առջեւ կայնած, բայց բանալով՝ ներսը մարդ չգտանք»։ Երբ մեծ քահանան եւ տաճարին իշխանը ու քահանայապետները լսեցին այս խօսքերը, կը զարմանային պատահածին վրայ։ Նոյն ատեն մէկը եկաւ ու ըսաւ անոնց. «Ահա այն մարդիկը որոնք բանտը դրած էիք, տաճարը կայներ են եւ ժողովուրդին կը սորվեցնեն»։ Այն ատեն իշխանը սպասաւորներովը մէկտեղ գնաց զանոնք բերաւ առանց բռնութեան, քանզի ժողովուրդէն կը վախնային, որ չքարկոծուին, Ու զանոնք ատեանը կայնեցուցին։ Քահանայապետը անոնց հարցուց՝ Ըսելով «Չէ՞ որ սաստիկ պատուիրեցինք ձեզի, որ այս անունով չսորվեցնէք. բայց դուք Երուսաղէմը ձեր ուսմունքովը լեցուցիք եւ այն մարդուն արիւնը կ’ուզէք մեր վրայ բերել»։ Պատասխան տուին Պետրոսն ու միւս առաքեալները ու ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց։ Մեր հայրերուն Աստուածը Յիսուսը յարուցանեց, Ան որ դուք փայտէն կախելով սպաննեցիք։ Աստուած իր աջ ձեռքով զանիկա Առաջնորդ ու Փրկիչ ըլլալու բարձրացուց, Իսրայէլի ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն տալու։ Մենք այս բաներուն համար անոր վկաներն ենք ու Սուրբ Հոգին ալ՝ որ Աստուած իրեն հնազանդ եղողներուն տուաւ»։ Եւ անոնք ասիկա լսելով խիստ կատղեցան ու կը խորհէին զանոնք մեռցնել։ Ատեանին մէջ փարիսեցի մը ոտքի վրայ ելաւ, որուն անունը Գամաղիէլ էր, օրինաց վարդապետ մը, բոլոր ժողովուրդին առջեւ պատուաւոր մէկը ու հրաման ըրաւ, որ առաքեալները քիչ մը դուրս հանեն. Ապա ըսաւ. «Ո՜վ Իսրայէլացի մարդիկ, զգուշացէ՛ք այս մարդոց հանդէպ ձեր ընելիքէն, Քանզի ասկէ առաջ Թեւդաս ելաւ, իրեն համար ըսելով թէ երեւելի մէկն է ու թուով չորս հարիւրի չափ մարդիկ իրեն յարեցան. ինք սպաննուեցաւ եւ այն ամէնքը որ իրեն հնազանդեր էին, ցրուեցան ու ոչինչ եղան։ Անոր ետեւէն Յուդա Գալիլիացին ելաւ աշխարհագիր եղած օրերը եւ շատ ժողովուրդ իր կողմը քաշեց, բայց ինքն ալ կորսուեցաւ եւ այն ամէնքը, որոնք իրեն հնազանդեր էին՝ ցիրուցան եղան։ Հիմա ձեզի կ’ըսեմ, Այդ մարդոցմէ մէկդի՛ կեցէք ու թո՛ղ տուէք զանոնք, վասն զի եթէ այդ խորհուրդը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քակուի, Իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար ատիկա քակել. չըլլայ թէ Աստուծոյ դէմ մարտնչիք»։ Անոնք հաւանութիւն տուին անոր ու առաքեալները կանչելով ծեծեցին եւ պատուիրելով որ անգամ մըն ալ Յիսուսին անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք։ Անոնք ալ ատեանէն գացին, ուրախանալով որ Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու։ Եւ ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ։ Այն օրերը երբ աշակերտները շատցան, Հելլենացիներու կողմէ տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ վասն զի իրենց որբեւարիները ամէն օրուան ողորմութեան մատակարարուելուն ատեն անտես կ’ըլլային։ Տասներկուքը կանչեցին աշակերտներուն բազմութիւնը ու ըսին. «Մեզի չի վայլեր Աստուծոյ խօսքը ձգել ու սեղաններու ծառայութիւն ընել։ Ուստի, եղբա՛յրներ, ձեզմէ եօթը հոգի ընտրեցէք՝ բարի վկայուած, Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութիւնով լեցուն, որպէս զի զանոնք այս գործին վրայ դնենք Եւ մենք աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապինք»։ Այս խօսքը բոլոր բազմութեան առջեւ հաճոյ երեւցաւ. ուստի ընտրեցին Ստեփանոսը, հաւատքով ու Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մը, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանովրան, Տիմովնան, Պարմենան եւ Նիկողայոս նորահաւատ Անտիոքցին Ասոնք առաքեալներուն առջեւ կայնեցուցին։ Անոնք ալ աղօթք ընելով՝ ձեռքերնին անոնց վրայ դրին։ Եւ Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու աշակերտներուն թիւը խիստ կը շատնար Երուսաղէմի մէջ։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատեր նոր հաւատքին կը յարէին։ Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութիւնով լեցուած մարդ մըն էր, մեծ հրաշքներ եւ նշաններ կ’ընէր ժողովուրդին մէջ։ Բայց ոմանք՝ այն ժողովարանէն, որ Ազատացիներուն եւ Կիւրենացիներուն ու Աղեքսանդրացիներուն ժողովարան կ’ըսուէր եւ ոմանք որ Կիլիկիայէն ու Ասիայէն էին, ելան ու Ստեփանոսին հետ վիճաբանութիւն կ’ընէին։ Բայց չէին կրնար դէմ դնել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր։ Այն ատեն հրապուրեցին քանի մը մարդիկ, որպէս զի ըսեն թէ՝ ‘Մենք լսեցինք որ ատիկա հայհոյութիւն կ’ընէր Մովսէսին ու Աստուծոյ’։ Եւ գրգռեցին ժողովուրդը ու ծերերը եւ դպիրները ու անոր վրայ հասնելով զինք բռնեցին ու ատեանը տարին։ Սուտ վկաներ կայնեցուցին, որոնք կ’ըսէին. «Այս մարդը չի դադարիր հայհոյելէ սուրբ տեղին եւ օրէնքին։ Քանզի լսեցինք ատկէ, որ կ’ըսէր թէ՝ ‘Այս Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քակէ այս տեղը ու պիտի փոխէ Մովսէսին մեզի աւանդած սովորութիւնները’»։ Ատեանը նստողներուն ամէնքը երբ անոր նայեցան, անոր երեսը հրեշտակի պէս տեսան։ Այն ատեն քահանայապետը ըսաւ. «Իրաւցընէ այդ բաները այդպէ՞ս են»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ ու հայրե՛ր, մտի՛կ ըրէք. Փառաց Աստուածը մեր Հօրը Աբրահամին երեւցաւ, քանի որ Միջագետքի մէջ էր, դեռ Խառանի մէջ չբնակած եւ ըսաւ անոր. ‘Ելի՛ր քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ’։ Այն ատեն Քաղդէացիներու երկրէն ելլելով՝ Խառանի մէջ բնակեցաւ եւ անոր հօրը մեռնելէն յետոյ անկէ փոխադրեց զանիկա այս երկիրը, ուր դուք հիմա կը բնակիք։ Ասոր մէջ անոր ժառանգութիւն չտուաւ, ոչ ալ ոտքի քայլ մը տեղ, բայց խոստացաւ որ ասիկա իրեն տայ իբրեւ կալուածք եւ իրմէ յետոյ իր սերունդին, երբ դեռ ինք որդին չունէր։ Աստուած այսպէս խօսեցաւ. ‘Քու սերունդդ օտար երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլայ ու պիտի ծառայեցնեն զանիկա եւ չարչարեն չորս հարիւր տարի։ Այն ազգը, որուն պիտի ծառայեն, ես պիտի դատեմ’, ըսաւ Աստուած ‘եւ անկէ յետոյ պիտի ելլեն ու այստեղ զիս պիտի պաշտեն’։ Անոր թլփատութեան ուխտը տուաւ ու ետքը Աբրահամ Իսահակը ծնաւ։ Թլփատեց զանիկա ութերորդ օրը։ Իսահակ ալ Յակոբը ծնաւ, Յակոբն ալ՝ տասներկու նահապետները։ Եւ նահապետները Յովսէփին նախանձելով՝ Եգիպտոս տարուելու ծախեցին. բայց Աստուած անոր հետ էր Ու փրկեց զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն, անոր շնորհք ու իմաստութիւն տուաւ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ։ Ան ալ զանիկա իշխան դրաւ Եգիպտոսին ու իր բոլոր տանը վրայ։ Երբ Եգիպտոսի եւ Քանանի բոլոր երկրին վրայ սով մը տիրեց ու մեծ նեղութիւն, մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ։ Յակոբ՝ երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ ցորեն կը գտնուի՝ առաջին անգամ մեր հայրերը ղրկեց։ Երկրորդ անգամ Յովսէփ իր եղբայրներուն ճանչցուց ինքզինք ու Յովսէփին ազգը Փարաւոնին յայտնի եղաւ։ Յովսէփ ղրկեց ու կանչեց իր հայրը Յակոբը ու բոլոր ազգատոհմը, եօթանասունըհինգ հոգի։ Յակոբ Եգիպտոս գնաց, ուր մեռան ինք ու մեր հայրերը։ Սիւքէմ տարուելով՝ այն գերեզմանին մէջ դրուեցան, որ Աբրահամ արծաթով ծախու առեր էր Սիւքէմի հօրը Եմովրի որդիներէն։ Երբ մօտեցաւ խոստումին ատենը, որ Աստուած երդումով խոստացեր էր Աբրահամին, ժողովուրդը աճեցաւ ու շատցաւ Եգիպտոսի մէջ Մինչեւ որ ուրիշ թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։ Անիկա միջոցներ բանեցուց մեր ազգին դէմ ու չարչարեց մեր հայրերը, մինչեւ անգամ անոնց տղաքը դուրս ձգել տալով, որպէս զի չապրին։ Այն ժամանակ Մովսէսը ծնաւ, որ Աստուծոյ առջեւ գեղեցիկ էր եւ իր հօրը տունը մեծցաւ երեք ամիս։ Երբ անիկա դուրս ձգուեցաւ, Փարաւոնին աղջիկը զանիկա վերցուց եւ իբրեւ իր որդին մեծցուց։ Մովսէս Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուեցաւ եւ զօրաւոր էր իր խօսքերովը ու գործերովը։ Ու երբ քառասուն տարեկան եղաւ, իր սիրտը ուզեց իր եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն այցելել։ Իսրայէլացիներէն մէկը հարստահարուած տեսնելով՝ պաշտպանեց եւ զրկուածին վրէժը առաւ՝ Եգիպտացին սպաննելով։ Կը կարծէր թէ իր եղբայրները պիտի իմանային թէ Աստուած իր ձեռքով իրենց ազատութիւն պիտի տար. բայց անոնք չիմացան։ Հետեւեալ օրը երկու Իսրայէլացիներու դէմ ելաւ, որոնք կը կռուէին։ Խաղաղութիւն հաստատել ուզելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ, դուք եղբայրներ էք, ինչո՞ւ մէկզմէկ կը զրկէք»։ Բայց ան որ ընկերը կը զրկէր, մէկդի քշեց զանիկա ու ըսաւ. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ. Զի՞ս ալ սպաննել կ’ուզես, ինչպէս երէկ Եգիպտացին սպաննեցիր»։ Մովսէս այս խօսքին վրայ փախաւ ու Մադիամի երկրին մէջ պանդուխտ եղաւ, ուր երկու որդի ծնաւ։ Քառասուն տարի անցնելէն յետոյ Սինա լերանը անապատին մէջ Տէրոջը հրեշտակը երեւցաւ անոր մորենիի կրակի բոցով։ Մովսէսն ալ երբ տեսաւ, զարմացաւ այն տեսիլքին վրայ ու երբ մօտեցաւ զննելու, Տէրոջը ձայնը եկաւ անոր, որ կ’ըսէր. «Ես եմ քու հայրերուդ Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը»։ Մովսէսն ալ վախէն դողալով՝ չէր համարձակեր նայիլ։ Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Ոտքերուդ կօշիկները հանէ՛, վասն զի այդ տեղը, ուր դուն կայներ ես՝ սուրբ երկիր է։ Յիրաւի Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ ու լսեցի անոնց հառաչանքը եւ իջայ զանոնք ազատելու. եւ հիմա եկո՛ւր քեզ Եգիպտոս ղրկեմ»։ Այն Մովսէսը որ մերժեցին ու կ’ըսէին. ‘Ո՞վ քեզ իշխան ու դատաւոր դրաւ՝, Աստուած զանիկա իշխան եւ փրկիչ ղրկեց այն հրեշտակին ձեռքով, որ մորենիին մէջ անոր երեւցաւ։ Անիկա հանեց զանոնք, հրաշքներ ու նշաններ ընելով Եգիպտոսի երկրին ու Կարմիր ծովուն մէջ եւ անապատին մէջ քառասուն տարի։ Այս Մովսէսն է, որ ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ ձեզի, անոր մտիկ ըրէք’։ Ասիկա ան է որ անապատի ժողովին մէջ էր՝ Սինա լերան վրայ իրեն խօսող հրեշտակին ու մեր հայրերուն հետ, որ կենդանի պատգամներ առաւ մեզի տալու. Որուն մեր հայրերը չուզեցին հնազանդիլ, հապա մերժեցին եւ իրենց սրտերովը Եգիպտոս դարձան Եւ ըսին Ահարոնին. ‘Մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի այն Մովսէսը, որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ’։ Այն օրերը հորթ մը շինեցին ու անոր զոհ մատուցանեցին եւ իրենց ձեռքերուն գործերովը կը զուարճանային։ Աստուած ալ երես դարձուց ու թողուց զանոնք որ երկնքի աստղերը պաշտեն. ինչպէս գրուած է մարգարէներուն գրքին մէջ. ‘Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի զոհեր ու պատարա՞գ մատուցանեցիք ինծի, ո՛վ Իսրայէլի տուն։ Մողոքին վրանը առիք ու ձեր Հռեմփա աստուծոյն աստղը, այն պատկերները որոնք շինեցիք անոնց երկրպագութիւն ընելու։ Ես ալ ձեզ Բաբելոնէն անդին պիտի փոխադրեմ’։ Վկայութեան խորանը անապատին մէջ մեր հայրերուն հետ էր, ինչպէս Մովսէսին հետ խօսողը հրաման ըրաւ, որ տեսած օրինակին պէս շինէ զանիկա. Որ մեր հայրերն ալ յաջորդաբար առնելով՝ Յեսուին հետ բերին զանիկա այն ազգերուն կալուածը, որոնք Աստուած վռնտեց մեր հայրերուն առջեւէն՝ մինչեւ Դաւիթին օրերը, Որ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտաւ եւ ուզեց որ Յակոբին Աստուծոյն բնակարան մը շինէ։ Բայց Սողոմոն շինեց տունը։ Սակայն Բարձրեալը ձեռքով շինուած տաճարներու մէջ չի բնակիր, ինչպէս մարգարէն կ’ըսէ. ‘Երկինք իմ աթոռս է ու երկիրը իմ ոտքերուս պատուանդանն է. որպիսի՞ տուն պիտի շինէք ինծի’, կ’ըսէ Տէրը, ‘կամ ո՞ւր պիտի ըլլայ իմ հանգստութեանս տեղը. Չէ՞ որ այս ամէնքը իմ ձեռքս շիներ է’։ ‘Ով խստապարանոցներ ու սրտով եւ ականջով չթլփատուածներ, դուք ամէն ատեն Սուրբ Հոգիին հակառակ կը կենաք, ինչպէս ձեր հայրերը՝ այնպէս ալ դուք։ Մարգարէներէն ո՞րը չհալածեցին ձեր հայրերը ու չսպաննեցին զանոնք, որ նախապէս պատմեցին այն Արդարին գալուն համար, որը դուք հիմա մատնեցիք եւ սպաննեցիք. Դուք որ օրէնքը առիք հրեշտակներուն մատակարարութիւնովը ու չպահեցիք’»։ Անոնք այս բաները լսելով՝ սրտերնուն մէջ կը կատղէին եւ ակռանին անոր վրայ կը կրճտէին։ Բայց անիկա Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ երկինք նայեցաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ, որ Աստուծոյ աջ կողմը նստեր էր եւ ըսաւ. «Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած ու Որդին մարդոյ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած»։ Իսկ անոնք մեծաձայն աղաղակելով՝ ականջնին գոցեցին եւ ամէնքը մէկէն վազեցին անոր վրայ. Ու քաղաքէն դուրս հանելով՝ քարկոծեցին զանիկա եւ վկաները իրենց հանդերձները պահ դրին երիտասարդի մը ոտքերուն քով, որ Սօղոս կ’ըսուէր։ Եւ կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ աղօթք կ’ընէր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս»։ Ու ծունկի վրայ գալով բարձրաձայն աղաղակեց. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի սեպեր ատոնց». այս ըսելով ննջեց։ Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն։ Այն օրը մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ։ Առաքեալներէն զատ ամէնքն ալ ցիրուցան եղան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկիրներուն մէջ։ Աստուածավախ մարդիկ Ստեփանոսը վերցուցին ու անոր վրայ մեծ ողբ ըրին։ Բայց Սօղոս եկեղեցիին շատ վնաս կու տար, տուները կը մտնէր, այրեր ու կիներ կը քաշէր՝ բանտ դնել կու տար։ Սակայն ցիրուցան եղածները կը պտըտէին ու խօսքը կը քարոզէին։ Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց։ Եւ ժողովուրդը միաբան Փիլիպպոսի ըսածներուն ուշադրութիւն կու տային՝ լսելով ու տեսնելով այն նշանները, որոնք կ’ընէր։ Վասն զի շատ դիւահարներէ պիղծ ոգիները մեծաձայն աղաղակելով՝ կ’ելլէին։ Եւ շատ անդամալոյծներ ու կաղեր կը բժշկուէին. Մեծ ուրախութիւն եղաւ այն քաղաքին մէջ։ Բայց Սիմոն անունով մարդ մը կար, որ նախապէս այն քաղաքին մէջ մոգութիւն կ’ընէր ու Սամարացիները կ’ապշեցնէր, իրեն համար ըսելով թէ՝ մեծ մէկն է։ Ամէնքն ալ, պզտիկէն մինչեւ մեծ անոր ուշադրութիւն կ’ընէին ու կ’ըսէին. «Ասիկա Աստուծոյ մեծ [ըսուած] զօրութիւնն է»։ Շատ ժամանակէ ի վեր կախարդութիւններով զանոնք ապշեցնելուն համար՝ իրեն ուշադրութիւն կ’ընէին։ Բայց երբ Փիլիպպոսին հաւատացին, որ Աստուծոյ թագաւորութեանը ու Յիսուս Քրիստոսին անունը կը քարոզէր, մկրտուեցան թէ՛ այրեր եւ թէ՛ կիներ։ Սիմոն ինքն ալ հաւատաց ու մկրտուելով միշտ Փիլիպպոսի հետ էր եւ տեսնելով այն նշանները ու մեծ զօրութիւնները, որոնք կ’ըլլային՝ կը զարմանար։ Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները երբ լսեցին թէ Սամարացիները Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են, Պետրոսն ու Յովհաննէսը անոնց ղրկեցին. Որոնք հոն հասնելով՝ աղօթք ըրին անոնց համար, որպէս զի Սուրբ Հոգին առնեն։ (Վասն զի դեռ ո՛եւէ մէկուն վրայ իջած չէր, հապա միայն Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուած էին։) Այն ատեն ձեռքերնին դրին անոնց վրայ, որ Սուրբ Հոգին առնեն։ Երբ տեսաւ Սիմոն թէ առաքեալներուն անոնց վրայ ձեռք դնելովը Սուրբ Հոգին կը տրուի, անոնց ստակ տուաւ ու ըսաւ. «Ինծի՛ ալ այս իշխանութիւնը տուէք, որպէս զի որո՛ւ վրայ ձեռք դնեմ՝ անիկա Սուրբ Հոգին առնէ»։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Քու արծաթդ քեզի հետ թող կորսուի, վասն զի Աստուծոյ պարգեւը կարծեցիր թէ ստակո՞վ կ’առնուի։ Դուն այդ բանին մէջ մաս ու բաժին չունիս, վասն զի քու սիրտդ Աստուծոյ առջեւ շիտակ չէ։ Ուստի այդ չարութենէդ զեղջի եկուր ու Աստուծոյ աղաչէ՛, թերեւս ներուի քեզի քու սրտիդ չար խորհուրդը։ Վասն զի ես քեզ մաղձի դառնութեան մէջ եւ անիրաւութեան կապին մէջ կը տեսնեմ»։ Սիմոն պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Դո՛ւք ինծի համար աղօթք ըրէք Տէրոջը, որպէս զի այդ ձեր ըսածներէն բան մը իմ վրաս չի գայ»։ Անոնք ալ վկայութիւն տալով Տէրոջը խօսքը խօսելէն յետոյ դարձան Երուսաղէմ եւ Սամարացիներու շատ մը գիւղերուն մէջ աւետարանը քարոզեցին։ Տէրոջը հրեշտակը Փիլիպպոսին խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ելի՛ր ու գնա՛ հարաւային կողմը, այն ճամբան, որ Երուսաղէմէն դէպի Գազա կ’իջնէ, որ անապատ տեղ մըն է»։ Ան ալ ելաւ գնաց։ Ահա Եթովպիացի ներքինի մը, Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պաշտօնեան, որ անոր բոլոր գանձերուն վրայ էր, որ Երուսաղէմ եկեր էր երկրպագութիւն ընելու Անկէ ետ կը դառնար ու իր կառքը նստած Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։ Եւ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսին. «Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քով գնա՛»։ Փիլիպպոս ալ վազելով մօտը գնաց ու լսեց որ Եսայի մարգարէին գիրքը կը կարդար։ Ըսաւ. «Կարդացածդ կը հասկնա՞ս արդեօք»։ Ան ալ ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ» ու աղաչեց Փիլիպպոսին, որ ելլէ իր քով նստի։ Գրքին մէջ կարդացած տեղը այս էր. «Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ ու իր խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառնուկի պէս՝ իր բերանը չբացաւ. Իր խոնարհութեան մէջ իր դատաստանը վերցուեցաւ եւ անոր ազգատոհմի մասին ո՞վ պիտի պատմէ. վասն զի անոր կեանքը երկրէն պիտի վերցուի»։ Ներքինին պատասխան տուաւ Փիլիպպոսին ու ըսաւ. «Կ’աղաչեմ քեզի, մարգարէն որո՞ւն համար կ’ըսէ ասիկա. իրե՞ն համար թէ ուրիշի մը համար»։ Փիլիպպոս իր բերանը բացաւ եւ գրքին այս խօսքէն սկսելով՝ Յիսուսը քարոզեց անոր։ Երբ իրենց ճամբան կ’երթային, ջուրի մը քով եկան։ Ներքինին ըսաւ. «Ահա՛ ջուր, ալ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ [Եւ Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Եթէ քու բոլոր սրտովդ կը հաւատաս՝ կարելի է»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Կը հաւատամ թէ Յիսուս Քրիստոս Որդի Աստուծոյ է»։] Ու հրաման ըրաւ որ կառքը կայնեցնեն։ Երկուքն ալ իջան։ Փիլիպպոս ներքինին մկրտեց։ Երբ ջուրէն դուրս ելան, Տէրոջը Հոգին յափշտակեց Փիլիպպոսը եւ ա՛լ ներքինին զանիկա չտեսաւ ու իր ճամբան գնաց ուրախութեամբ։ Բայց Փիլիպպոս Ազովտոսի մէջ գտնուեցաւ, ուր պտըտելով բոլոր քաղաքներուն աւետարան կը քարոզէր, մինչեւ ինք Կեսարիա հասաւ։ Սօղոս տակաւին Տէրոջը աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ փչելով՝ քահանայապետին քով գնաց Եւ անկէ թուղթեր ուզեց Դամասկոս ժողովարանները տանելու, որպէս զի եթէ այն ճամբուն հետեւողներ գտնելու ըլլայ, այրեր կամ կիներ, կապած Երուսաղէմ բերէ։ Երբ կ’երթար ու Դամասկոսի մօտեցաւ, յանկարծ իր բոլորտիքը երկնքէն լոյս մը փայլատակեց. Եւ ինք գետինը իյնալով՝ ձայն մը լսեց, որ կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ո՞վ ես դուն, Տէր»։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես. դժուար բան է քեզի խթանի դէմ կից զարնել»։ Ան ալ դողալով ու ապշութեամբ ըսաւ. «Տէ՛ր, ի՞նչ կ’ուզես որ ընեմ»։ Տէրը ըսաւ անոր՝ ՝. «Ելի՛ր ու քաղաքը մտի՛ր եւ քեզի պիտի ըսուի ինչ որ պարտիս ընել»։ Այն մարդիկը, որոնք իրեն հետ կ’երթային, ապշած կեցեր էին, ձայնը միայն կը լսէին, բայց մէ՛կը չէին տեսներ։ Սօղոս գետնէն ելաւ ու բաց աչքերով՝ մէ՛կը չէր տեսներ. ուստի անոր ձեռքէն բռնեցին ու Դամասկոս մտցուցին։ Երեք օր կեցաւ առանց տեսնելու։ Ո՛չ կերաւ, ո՛չ ալ խմեց։ Անանիա անունով աշակերտ մը կար Դամասկոսի մէջ։ Տէրը տեսիլքի մէջ անոր ըսաւ. «Անա՛նիա»։ Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա հոս եմ»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Ելի՛ր ու գնա այն փողոցը, որ Ուղիղ կը կոչուի եւ հոն Յուդայի տանը մէջ փնտռէ Սօղոս անունով Տարսոնացի մը. վասն զի ահա անիկա աղօթք կ’ընէ. Ու տեսիլքի մէջ մարդ մը տեսաւ Անանիա անունով՝ քովը մտած եւ ձեռքը իր վրայ դրած, որպէս զի տեսնէ»։ Անանիան պատասխան տուաւ. «Տէ՛ր, շատերէ լսեցի այն մարդուն համար թէ շատ չարիքներ ըրաւ քու սուրբերուդ Երուսաղէմի մէջ Եւ հոս ալ քահանայապետներէն իշխանութիւն ունի կապելու անոնք, որոնք քու անունդ կը կանչեն»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Գնա՛ դուն, վասն զի անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ, Քանզի ես անոր պիտի ցուցնեմ թէ պէտք է իմ անուանս համար նեղութիւն կրէ»։ Անանիա գնաց ու այն տունը մտաւ եւ ձեռքերը անոր վրայ դնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, Տէ՛րը զիս ղրկեց, այն Յիսո՛ւսը, որ ճամբուն մէջ քեզի երեւցաւ, երբ կու գայիր, որպէս զի տեսութիւնդ ստանաս ու Սուրբ Հոգիով լեցուիս»։ Շուտ մը անոր աչքերէն թեփերու պէս բաներ ինկան եւ իսկո՛յն տեսաւ ու ելաւ մկրտուեցաւ։ Կերակուր ուտելով ոյժը վրան եկաւ ու քանի մը օր Դամասկոսի մէջ եղող աշակերտներուն հետ կեցաւ։ Եւ անմիջապէս ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ անիկա է Աստուծոյ Որդին։ Եւ ամէն լսողները մեծապէս զարմացեր էին ու կ’ըսէին. «Ասիկա ան չէ՞, որ Երուսաղէմի մէջ կը մեռցնէր զանոնք, որ այս անունը կը կանչէին. հոս ալ այն բանին համար եկած էր, որպէս զի զանոնք կապած՝ քահանայապետներուն տանի»։ Բայց Սօղոս ա՛լ աւելի կը զօրանար եւ Դամասկոսի մէջ բնակող Հրեաները կը պապանձեցնէր, ապացուցանելով թէ՝ Քրիստոսը ասիկա է։ Շատ օրեր անցնելէն ետքը՝ Հրեաները խորհուրդ ըրին որ զանիկա սպաննեն։ Բայց Սօղոսին յայտնուեցաւ անոնց նենգութիւնը եւ ցորեկ ու գիշեր կը սպասէին, որպէս զի զանիկա սպաննեն։ Իսկ աշակերտները գիշերով առին զանիկա ու զամբիւղով մը կախելով՝ պատէն վար իջեցուցին։ Երբ Սօղոս Երուսաղէմ դարձաւ, ջանաց աշակերտներուն միանալ, բայց ամէնքն ալ կը վախնային անկէ, չհաւատալով թէ անիկա աշակերտ էր։ Բայց Բառնաբաս զանիկա առնելով՝ առաքեալներուն տարաւ ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս ճամբուն վրայ Տէրը տեսաւ եւ թէ անոր հետ խօսեցաւ եւ թէ ի՛նչպէս Դամասկոսի մէջ համարձակ քարոզեց Յիսուսին անունը։ Երուսաղէմի մէջ անոնց հետ կը մտնէր ու կ’ելլէր Տէր Յիսուսին անունովը համարձակ քարոզելով։ Նաեւ Հելլենացիներուն դէմ կը խօսէր եւ վիճաբանութիւն կ’ընէր. անոնք ալ կը փնտռէին զանիկա սպաննել։ Իսկ եղբայրները իմանալով՝ զանիկա Կեսարիա իջեցուցին եւ անկէ Տարսոն ղրկեցին։ Այն ատեն եկեղեցիները բոլոր Հրէաստանի եւ Գալիլիայի ու Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն ունեցան եւ շինութիւն կ’ընդունէին ու Տէրոջը երկիւղովը եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնովը քալելով կ’աճէին։ Պետրոս ամէն տեղ կը պտըտէր եւ Լիւդդիա բնակող սուրբերուն քով ալ իջաւ։ Հոն մարդ մը գտաւ, որուն անունը Ենիա էր, ութը տարիէ ի վեր մահիճը պառկած անդամալոյծ։ Պետրոս ըսաւ անոր. «Ենիա՛, Յիսուս Քրիստոս քեզ կը բժշկէ. ելի՛ր ու քու անկողինդ շտկէ»։ Ան ալ շուտ մը ելաւ։ Եւ Լիւդդիայի ու Սարօնի մէջ բնակողներուն ամէնքը զանիկա տեսան ու Տէրոջը դարձան։ Յոպպէի մէջ աշակերտ եղած կին մը կար, անունը Տաբիթա. (որ կը թարգմանուի Այծեմնիկ.) ասիկա լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով որոնք ինք կ’ընէր։ Այն օրերը ինք հիւանդացաւ ու մեռաւ։ Լուացին զանիկա եւ վերը սենեակ մը դրին։ Ու Լիւդդիա Յոպպէի մօտ էր, ուստի աշակերտները լսելով թէ Պետրոս հոն է, անոր երկու մարդ ղրկեցին, աղաչելով որ չուշանայ եւ իրենց գայ։ Պետրոս ալ ելաւ անոնց հետ եկաւ։ Երբ եկաւ, վերի սենեակը հանեցին զանիկա։ Բոլոր որբեւարիները անոր բոլորտիքը կայնեցան, կու լային ու կը ցուցնէին այն բաճկոնները եւ հանդերձները, որոնք Այծեմնիկ կը շինէր, երբ իրենց հետ էր։ Պետրոս ալ ամէնքը դուրս հանելով՝ ծունկի վրայ եկաւ ու աղօթք ըրաւ եւ դէպի մարմինը դառնալով՝ ըսաւ. «Տա՛բիթա, ելիր կայնէ»։ Ան ալ իր աչքերը բացաւ ու Պետրոսը տեսնելով՝ ելաւ շիտակ նստեցաւ։ Պետրոսն ալ ձեռքը անոր տուաւ ու վերցուց զանիկա եւ սուրբերն ու որբեւարիները կանչելով՝ անոնց առջեւ ողջ կայնեցուց զանիկա։ Այս բանը բոլոր Յոպպէի մէջ իմացուեցաւ ու շատեր Տէրոջը հաւատացին։ Պետրոս շատ օրեր Յոպպէ կեցաւ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով։ Կեսարիայի մէջ մարդ մը կար Կոռնելիոս անունով, հարիւրապետ՝ Իտալացի կոչուած գունդէն. Բարեպաշտ ու աստուածավախ իր բոլոր տունովը, որ ժողովուրդին շատ ողորմութիւններ կու տար եւ ամէն ատեն Աստուծոյ աղօթք կ’ընէր։ Անիկա օրուան ժամը իննին ատենները տեսիլքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակը յայտնի տեսաւ, որ իր քով մտաւ եւ իրեն ըսաւ. «Կո՛ռնելիոս»։ Ան ալ անոր նայելով ու խիստ վախնալով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ է, Տէ՛ր»։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Քու աղօթքներդ եւ ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ ելան յիշատակի համար։ Հիմա Յոպպէ մարդիկ ղրկէ ու կանչէ Սիմոն անունով մէկը, որ Պետրոս մականուանեալ է։ Անիկա իբրեւ հիւր կը կենայ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով, որուն տունը ծովուն մօտ է »։ Ու երբ այն հրեշտակը, որ իրեն հետ կը խօսէր գնաց, Կոռնելիոս ծառաներէն երկուքը կանչեց ու իր քով սպասողներէն ալ բարեպաշտ զինուոր մը Եւ ամէն բան պատմելով՝ Յոպպէ ղրկեց զանոնք։ Ու հետեւեալ օրը, երբ անոնք ճամբայ երթալով՝ քաղաքին մօտեցան, Պետրոս ժամը վեցին ատենները տանիքը ելաւ աղօթք ընելու։ Խիստ անօթեցած ըլլալով՝ կ’ուզէր ճաշ ընել ու կերակուրի պատրաստութիւն կը տեսնէին, իր վրայ մտքի յափշտակութիւն մը եկաւ. Եւ տեսաւ երկինքը բացուած ու չորս ծայրէն կապուած աման մը մեծ կտաւի մը պէս, որ իջաւ երկրի վրայ, Որուն մէջ կային ամէն տեսակ չորքոտանիներ ու գազաններ եւ սողուններ ու երկնքի թռչուններ։ Եւ ձայն մը եկաւ իրեն. «Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ ու կեր»։ Բայց Պետրոս ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասն զի ես ամենեւին պիղծ կամ անմաքուր բան մը կերած չեմ»։ Նորէն ձայնը եկաւ իրեն. «Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»։ Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ եւ ամանը երկինք վերցաւ։ Պետրոս, երբ իր մտքին մէջ կը զարմանար թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այն իր տեսած տեսիլքը, ահա Կոռնելիոսէն ղրկուած մարդիկը Սիմոնին տունը հարցուցին ու դրանը առջեւ կայնեցան Եւ կանչելով՝ կը հարցնէին թէ՝ «Սիմոնը, որ Պետրոս կ’ըսուի, հո՞ս կը կենայ»։ Երբ Պետրոս այն տեսիլքին վրայով կը մտածէր, Սուրբ Հոգին ըսաւ անոր. «Ահա երեք մարդիկ քեզ կը փնտռեն։ Ուստի ելի՛ր, իջի՛ր եւ անոնց հետ գնա առանց խղճահարութեան, վասն զի ես ղրկեցի զանոնք»։ Պետրոս ալ այն մարդոց քով իջնելով՝ ըսաւ. «Ահա ե՛ս եմ անիկա, որ կը փնտռէք. ի՞նչ բանի համար եկած էք»։ Անոնք ալ ըսին. «Կոռնելիոս հարիւրապետը, արդար եւ աստուածավախ մարդ, բոլոր Հրեաներու ազգէն վկայուած, սուրբ հրեշտակէ մը հրաման առաւ, որ քեզ իր տունը կանչէ եւ քու խօսքերդ լսէ»։ Այն ատեն ներս կանչեց զանոնք եւ իր քով վար դրաւ։ Հետեւեալ օրը Պետրոս ելաւ անոնց հետ գնաց եւ Յոպպէէն քանի մը եղբայրներ ալ իրեն հետ գացին։ Յաջորդ օրը Կեսարիա մտան։ Կոռնելիոս ալ իր ազգականները եւ մտերիմ բարեկամները կանչած՝ անոնց կը սպասէր։ Երբ Պետրոս ներս մտաւ, Կոռնելիոս անոր դէմ ելաւ ու անոր ոտքը իյնալով երկրպագութիւն կ’ընէր։ Բայց Պետրոս զանիկա կանգնեցուց ու ըսաւ. «Ելիր կայնէ՛, ես ինքս ալ մարդ եմ»։ Եւ անոր հետ խօսակցելով ներս մտաւ։ Հոն շատ մարդիկ հաւաքուած էին։ Եւ ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէք թէ օրինաւոր բան չէ Հրեայ մարդու մը օտարազգիի մը հետ հաղորդակցութիւն ընելը կամ անոր մօտենալը. բայց Աստուած ինծի ցուցուց, որ ոեւէ մարդու պիղծ կամ անմաքուր չըսեմ։ Անոր համար երբ ես կանչուեցայ, առանց դէմ խօսելու եկայ. բայց հիմա կը հարցնեմ, ի՞նչ բանի համար զիս կանչեցիք»։ Կոռնելիոս ալ ըսաւ. «Չորս օր առաջ մինչեւ այս ժամը ծոմ կը պահէի ու ժամը իննին տանս մէջ աղօթք կ’ընէի եւ ահա փայլուն հանդերձներով մարդ մը կայնեցաւ առջեւս ու ըսաւ. ‘Կո՛ռնելիոս, քու աղօթքդ լսուեցաւ եւ քու ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ յիշուեցան. Ուստի մարդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ Սիմոնը, որ Պետրոս ալ կ’ըսուի, անիկա ծովուն մօտ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը տանը մէջ իբրեւ հիւր կը կենայ, երբ գայ, քեզի պիտի խօսի’։ Ուստի անմիջապէս մարդիկ ղրկեցի քեզի, դուն ալ աղէկ ըրիր որ եկար եւ հիմա մենք ամէնքս Աստուծոյ առջեւ կեցեր ենք՝ լսելու այն ամէն բաները, որոնք Աստուծմէ հրամայուած են քեզի»։ Պետրոս ալ իր բերանը բացաւ ու ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է։ Այն խօսքը որ Իսրայէլի որդիներուն ղրկեց Աստուած խաղաղութիւն քարոզելու Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով. (անիկա է ամենուն Տէրը.) Դուք ալ աղէկ գիտէք եւ գիտէք այն ամէն բաները, որ բոլոր Հրէաստանի մէջ պատահեցան Գալիլիայէն սկսած, այն վկայութենէն յետոյ, որ Յովհաննէս քարոզեց. Յիսուսը որ Նազարէթէն էր, որ Աստուած օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութիւնով, որ պտըտեցաւ բարիք ընելով ու Սատանայէն բոլոր տանջուածները բժշկելով, քանզի Աստուած իրեն հետ էր։ Եւ մենք վկայ ենք այն ամէն բաներուն որոնք ըրաւ Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ, որ փայտէն կախուած սպաննեցին ալ։ Աստուած զանիկա երրորդ օրը յարուցանեց եւ յայտնի ըրաւ զանիկա, Ո՛չ թէ բոլոր ժողովուրդին, հապա մեզի, նախապէս Աստուծմէ վկայ ըլլալու ընտրուածներուս, որ իրեն հետ կերանք ու խմեցինք ալ անոր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետքը։ Եւ ինք պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք, թէ անիկա է Աստուծմէ սահմանուած՝ կենդանիներուն ու մեռելներուն Դատաւորը։ Անոր կը վկայեն բոլոր մարգարէները, թէ ամէն իրեն հաւատացողները իր անունով մեղքերու թողութիւն պիտի գտնեն։ Ու երբ Պետրոս այս խօսքերը կը խօսէր, Սուրբ Հոգին իջաւ ամենուն վրայ, որոնք խօսքը կը լսէին։ Թլփատուածներէն եղող հաւատացեալները, որոնք Պետրոսին հետ եկած էին, զարմացան որ հեթանոսներուն վրայ ալ Սուրբ Հոգիին պարգեւը կը լեցուէր Եւ կը լսէին անոնց ուրիշ լեզուներով խօսիլը եւ Աստուած կը փառաւորէին։ Այն ատեն Պետրոս ըսաւ անոնց. «Կրնա՞յ մէկը արգիլել որ անոնք մկրտուին, որոնք Սուրբ Հոգին ալ ընդունեցին մեզի պէս»։ Ու հրաման ըրաւ, որ Տէրոջը անունովը մկրտուին։ Անոնք ալ իրեն աղաչեցին, որ քանի մը օր հոն մնայ։ Առաքեալներն ու եղբայրները, որոնք Հրէաստանի կողմերն էին, լսեցին թէ հեթանոսներն ալ Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են։ Երբ Պետրոս Երուսաղէմ գնաց, թլփատուածները անոր հետ կը վիճէին Ու կ’ըսէին թէ՝ «Դուն անթլփատ մարդոց քով մտար եւ անոնց հետ հաց կերար»։ Պետրոս ալ սկսաւ բանը կարգով պատմել անոնց. «Ես Յոպպէ քաղաքը աղօթք կ’ընէի ու մտքի յափշտակութեան մէջ տեսիլք մը տեսայ. աման մը մեծ կտաւի պէս՝ չորս ծայրերէն երկնքէն կախուած իջաւ ու մինչեւ ինծի հասաւ, Որուն վրայ աչքս տնկեր կը նայէի եւ տեսայ չորքոտանիներ ու գազաններ եւ սողուններ ու երկնքի թռչուններ։ Եւ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր ինծի. ‘Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ՛ ու կեր’։ Բայց ես ըսի. ‘Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասն զի պիղծ կամ անմաքուր բան մը ամենեւին մտած չէ իմ բերանս’։ Երկրորդ անգամ այն ձայնը երկնքէն ըսաւ. ‘Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր’։ Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ ու բոլորը երկինք քաշուեցաւ։ Նոյն ատեն երեք մարդ՝ Կեսարիայէն ինծի ղրկուած՝ եկան իմ եղած տանս առջեւ կեցան։ Հոգին ալ ինծի ըսաւ, որ անոնց հետ երթամ առանց խղճահարութեան։ Այս վեց եղբայրներն ալ ինծի հետ էին ու մտանք այն մարդուն տունը։ Եւ անիկա մեզի պատմեց թէ ի՛նչպէս իր տանը մէջ հրեշտակ մը տեսաւ, որ կայներ էր եւ իրեն կ’ըսէր. ‘ Մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը որ Պետրոս ալ կը կոչուի. Ան քեզի խօսքեր պիտի խօսի, որպէս զի փրկուիք դուն եւ քու բոլոր տունդ’։ Ու երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ իջաւ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ։ Այն ատեն յիշեցի Տէրոջը խօսքը, որ կ’ըսէր. ‘Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք’։ Ուստի եթէ Աստուած միեւնոյն շնորհքը տուաւ անոնց, ինչպէս մեզի ալ, երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին. ես ո՞վ էի, որ կարենայի Աստուծոյ դէմ դնել»։ Այս բաները լսելով՝ ձայներնին կտրեցին եւ Աստուած կը փառաւորէին ու կ’ըսէին. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ կեանքի համար ապաշխարութիւն տուաւ»։ Ստեփանոսին մահուան վրայ եկած նեղութենէն ցիրուցան եղածները մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք հասան, բայց ոեւէ մէկուն Աստուծոյ խօսքը չէին խօսիր, միայն՝ Հրեաներուն։ Անոնցմէ ոմանք Կիպրացի եւ Կիւրենացի մարդիկ էին, որոնք երբ Անտիոք մտան, Հելլենացիներուն հետ կը խօսէին՝ Տէր Յիսուսը քարոզելով։ Տէրոջը ձեռքը անոնց հետ էր։ Բազմաթիւ մարդիկ հաւատալով՝ Տէրոջը դարձան։ Այս լուրը Երուսաղէմի եկեղեցիին ականջը հասաւ ու Բառնաբասը ղրկեցին, որպէս զի մինչեւ Անտիոք երթայ։ Որը, երբ գնաց եւ Աստուծոյ շնորհքը տեսաւ՝ ուրախացաւ ու կը յորդորէր ամէնքն ալ՝ որ յօժար սրտով Տէրոջը հետ կապուած մնան. Քանզի ինք բարի մարդ էր, Սուրբ Հոգիով եւ հաւատքով լեցուն ու Տէրոջը շատ ժողովուրդ աւելցաւ։ Ետքը Բառնաբաս Տարսոն անցաւ Սօղոսը փնտռելու։ Զանիկա գտնելով՝ Անտիոք բերաւ։ Անոնք լման տարի մը եկեղեցիին հետ մէկտեղ հաւաքուելով՝ շատ ժողովուրդի սորվեցուցին։ Ամենէն առաջ Անտիոքի մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ անուանուեցան։ Այն օրերը Երուսաղէմէն մարգարէներ իջան Անտիոք։ Անոնցմէ մէկը, Ագաբոս անունով, ելաւ իմացուց Հոգիին զօրութիւնովը, թէ մեծ սով մը պիտի ըլլայ բոլոր աշխարհը, որ իրապէս եղաւ Կղօդիոսի օրերը։ Աշակերտները որոշեցին, որ իրենցմէ ամէն մէկը ձեռքէն եկածին չափ Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն օգնութիւն ղրկեն։ Այդպէս ալ կատարեցին, երէցներուն ղրկելով Բառնաբասին ու Սօղոսին ձեռքով։ Այն ատենները Հերովդէս թագաւորը սկսաւ եկեղեցիէն մէկ քանիները չարչարել։ Յովհաննէսին եղբայրը՝ Յակոբոսը սրով սպաննեց։ Տեսնելով որ Հրեաներուն հաճելի է, Պետրոսն ալ բռնեց։ Բաղարջակերացի օրերն էին։ Երբ զանիկա բռնեց, բանտը դրաւ եւ չորս կարգ չորսական զինուորներու յանձնեց, որպէս զի պահեն եւ կ’ուզէր զատկէն յետոյ ժողովուրդին հանել զանիկա։ Պետրոս բանտին մէջ պահուած էր, բայց եկեղեցին անդադար աղօթք կ’ընէր Աստուծոյ՝ անոր համար։ Հերովդէս կ’ուզէր զանիկա յաջորդ օրը դուրս բերել, բայց այն գիշերը Պետրոս երկու զինուորներու մէջտեղ կը քնանար կրկին շղթաներով կապուած։ Պահապանները դրանը առջեւ բանտին կը հսկէին։ Յանկարծ Տէրոջը հրեշտակը եկաւ քովը կայնեցաւ։ Տանը մէջ լոյս մը ծագեցաւ։ Հրեշտակը Պետրոսին կողը խթելով՝ արթնցուց զանիկա ու ըսաւ. «Շուտով ելի՛ր»։ Շղթաները անոր ձեռքերէն վար ինկան։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Գօտիդ կապէ՛ ու հողաթափներդ հագիր»։ Անիկա ալ այնպէս ըրաւ։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Հանդերձդ վրադ ա՛ռ ու եկո՛ւր իմ ետեւէս»։ Ան ալ ելլելով անոր ետեւէն կ’երթար, բայց չէր գիտեր թէ այն հրեշտակին ըրածը իրակա՞ն է, հապա կը կարծէր թէ տեսիլք կը տեսնէ։ Երբ անոնք առաջին ու երկրորդ պահապաններէն անցան, եկան մինչեւ երկաթէ դուռը, որ քաղաքին մէջ կը հանէր, ինքնիրմէ բացուեցաւ։ Անկէ ելլելով՝ փողոց մը անցան, հրեշտակն ալ իսկոյն անկէ զատուեցաւ։ Պետրոս ինքզինքին գալով՝ ըսաւ. «Հիմա ճշմարտապէս գիտեմ, թէ Տէրը իր հրեշտակը ղրկեց եւ ազատեց զիս Հերովդէսին ձեռքէն ու Հրէից ժողովուրդին բոլոր ակնկալութենէն»։ Այսպէս մտածելով՝ գնաց Մարկոս ըսուած Յովհաննէսին մօրը Մարիամին տունը, ուր շատեր հաւաքուած աղօթք կ’ընէին։ Երբ տանը դուրսի դուռը զարկաւ, Հռովդէ անունով աղախին մը գնաց ականջ դնելու. Պետրոսին ձայնը ճանչցաւ, ուրախութենէն դուռը չբացաւ, հապա ներս վազելով յայտնեց. «Պետրոս դրանը առջեւ կայներ է»։ Իսկ անոնք ըսին անոր. «Խենդեցե՞ր ես»։ Բայց ինք կը պնդէր։ Անոնք ալ կ’ըսէին. «Անոր հրեշտակը պիտի ըլլայ»։ Սակայն Պետրոս անդադար կը զարնէր ու երբ բացին, զինք տեսնելով ապշեցան։ Բայց անիկա ձեռքով նշան ըրաւ անոնց՝ որ լուռ կենան ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս Տէրը զինք բանտէն հանեց եւ ըսաւ. «Ասիկա Յակոբոսին ու եղբայրներուն պատմեցէք»։ Ինք ելաւ ուրիշ տեղ գնաց։ Առտուն, մեծ խռովութիւն ծագեցաւ զինուորներուն մէջ՝ թէ արդեօք ի՞նչ եղաւ Պետրոս։ Հերովդէս ալ երբ ուզեց զանիկա ու չգտաւ, պահապանները հարցուփորձ ընելով՝ հրաման ըրաւ որ սպաննուին։ Պետրոս Հրէաստանէն Կեսարիա գնաց ու հոն կեցաւ։ Հերովդէս խիստ թշնամացած էր Տիւրացիներուն ու Սիդոնացիներուն։ Անոնք ալ միաբանութեամբ եկան ու թագաւորին Բղաստոս սենեկապետը համոզելով՝ հաշտութիւն խնդրեցին. վասն զի իրենց երկիրը թագաւորին երկրէն ապրուստ կ’առնէր։ Եւ որոշուած օր մը Հերովդէս թագաւորական հանդերձը հագած ու ատեանը նստած՝ անոնց ատենաբանութիւն կ’ընէր։ Ժողովուրդն ալ կ՛աղաղակէր թէ ‘Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու’։ Իսկոյն Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ, Աստուծոյ փառք չտալուն համար եւ որդնալից ըլլալով՝ մեռաւ։ Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու կը շատնար։ Բառնաբաս ու Սօղոս երբ իրենց յանձնուած պաշտօնը լմնցուցին, Երուսաղէմէն դարձան, Մարկոս ըսուած Յովհաննէսն ալ իրենց հետ առնելով։ Անտիոքի մէջ եղած եկեղեցիէն քանի մը մարգարէներ ու վարդապետներ կային, Բառնաբաս ու Շմաւոն, որ Նիւգէր կը կոչուէր եւ Ղուկիոս Կիւրենացին ու Մանայէն, Հերովդէս չորրորդապետին սննդակիցը եւ Սօղոս։ Երբ ասնոք Տէրոջը պաշտօնին մէջ էին եւ ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ. «Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը այն գործին համար, որուն ես կանչեր եմ անոնք»։ Այն ատեն ծոմ պահելով եւ աղօթք ընելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ ու ղրկեցին։ Անոնք ալ Սուրբ Հոգիէն ղրկուած՝ Սելեւկիա իջան ու անկէ անցան Կիպրոս։ Սաղամինա հասնելով՝ Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէին ու Յովհաննէսն ալ իրենց սպասաւորութիւն կ’ընէր։ Անոնք պտըտելով այն [բոլոր] կղզին գացին մինչեւ Պափոս, հոն գտան սուտ մարգարէ՝ Հրեայ մոգ մը, որուն անունը Բարեյեսու էր, Որ փոխանորդ բդեշխին հետ էր, որ կը կոչուէր Սերգիոս Պօղոս, խելացի մարդ մը։ Ասիկա Բառնաբասը եւ Սօղոսը հրաւիրելով՝ ուզեց Աստուծոյ խօսքը լսել։ Սակայն անոնց դէմ կեցաւ Եղիմաս մոգ, (քանզի այսպէս կը թարգմանուի անոր անունը,) որ կ’ուզէր փոխանորդ բդեշխը հաւատքէն դարձնել։ Բայց Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը անոր վրայ տնկեց Ու ըսաւ. «Ո՜վ ամէն խաբեբայութիւնով եւ ամէն խորամանկութիւնով լեցուած Սատանայի որդի, թշնամի բոլոր արդարութեան, պիտի չդադրի՞ս Տէրոջը շիտակ ճամբաները ծռելէ։ Հիմա Տէրոջը ձեռքը ահա քու վրադ է ու կոյր պիտի ըլլաս՝ ատեն մը արեւը չտեսնելով»։ Իսկոյն անոր վրայ մէգ ու խաւար իջաւ ու պտըտելով առաջնորդ կը փնտռէր։ Այն ատեն փոխանորդ բդեշխը, երբ այս բաները տեսաւ՝ հաւատաց, մեծապէս զարմանալով Տէրոջը վարդապետութեանը վրայ։ Պօղոս ու իր ընկերները Պափոսէն ելան, գացին Պամփիւլիայի Պերգէն. բայց Յովհաննէս անոնցմէ զատուելով՝ Երուսաղէմ անցաւ։ Անոնք ալ Պերգէէն գացին ու հասան Պիսիդիայի Անտիոքը եւ շաբաթ օրը ժողովարան մտնելով՝ նստան։ Ու օրէնքին եւ մարգարէներուն կարդացուելէն յետոյ՝ ժողովրդապետները մարդ ղրկեցին իրենց ու ըսին. «Մարդի՛կ եղբայրներ, եթէ դուք ժողովուրդին խօսելու յորդորական խօսք մը ունիք՝ խօսեցէք»։ Այն ատեն Պօղոս ոտքի կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլացի մարդիկ եւ դուք որ Աստուծմէ կը վախնաք, մտի՛կ ըրէք։ Այս Իսրայէլ ժողովուրդին Աստուածը մեր հայրերը ընտրեց ու ժողովուրդը բարձրացուց Եգիպտոսի մէջ պանդխտութեան ատենը եւ զօրաւոր բազուկով զանոնք հանեց։ Քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեց զանոնք։ Քանանի երկրին մէջ եօթը ազգ կործանելով՝ անոնց երկիրը իրենց տուաւ որ ժառանգեն։ Անկէ յետոյ չորս հարիւր յիսուն տարիի չափ դատաւորներ տուաւ անոնց մինչեւ Սամուէլ մարգարէն։ Ետքը թագաւոր ուզեցին եւ Աստուած Կիսի որդին Սաւուղը տուաւ անոնց, Բենիամինին ցեղէն մարդ մը, քառասուն տարի։ Յետոյ զանիկա փոխեց, Դաւիթը տուաւ իրենց թագաւոր, որուն համար վկայութիւն տալով՝ ըսաւ. «Յեսսէի որդին Դաւիթը գտայ իմ սրտիս համեմատ մարդ, որ իմ բոլոր կամքս պիտի կատարէ»։ Ասոր սերունդէն Աստուած իր խոստումին պէս Իսրայէլին՝ Փրկիչ Յիսուսը հանեց. Դեռ անիկա իր պաշտօնը չսկսած՝ Յովհաննէս նախապէս Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին ապաշխարութեան մկրտութիւնը քարոզեց։ Երբ Յովհաննէս իր ընթացքը կը կատարէր՝ ըսաւ. ‘Ո՞վ կը կարծէք թէ եմ. ես Քրիստոսը չեմ, հապա անիկա ահա՛ իմ ետեւէս կու գայ, որուն ոտքերուն կօշիկները քակելու արժանի չեմ’։ Մարդի՛կ եղբայրներ, Աբրահամին տոհմին որդիներ՝ անոնք որ ձեր մէջ աստուածավախ են՝ այս փրկութեան խօսքը ձեզի ղրկուեցաւ։ Քանզի Երուսաղէմ բնակողները եւ անոնց իշխանները ո՛չ զանիկա ճանչցան, ո՛չ ալ մարգարէներուն ձայները՝ որոնք ամէն շաբաթ օրերը կը կարդացուին, բայց գրուածները կատարեցին՝ զինք դատապարտելով Եւ մահուան պատճառ մըն ալ չգտած, Պիղատոսէն խնդրեցին, որ անիկա սպաննուի։ Երբ անոր համար բոլոր գրուած բաները կատարեցին, փայտէն վար իջեցնելով՝ գերեզմանին մէջ դրին։ Բայց Աստուած զանիկա յարուցանեց մեռելներէն։ Յիսուս շատ օրեր երեւցաւ անոնց, Որ իրեն հետ Գալիլիայէն Երուսաղէմ ելեր էին, որոնք հիմա անոր վկաներն են ժողովուրդին առջեւ։ Մենք ալ ձեզի կը քարոզենք այն խոստումը, որ հայրերուն ըրած էր, Որ Աստուած կատարեց մեզի, որ անոնց զաւակներն ենք, Յիսուսը յարուցանելով, ինչպէս երկրորդ սաղմոսին մէջ ալ գրուած է. ‘Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ’։ Եւ որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց, անգամ մըն ալ ապականութիւն պիտի չտեսնէ։ Այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզի պիտի տամ Դաւիթին հաւատարիմ սուրբ խոս տումները’։ Եւ ուրիշ սաղմոսի մը մէջ ալ կ’ըսէ. ‘Քու Սուրբիդ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս’։ Վասն զի Դաւիթ իր դարուն մէջ Աստուծոյ կամքին ծառայելով՝ մեռաւ ու իր հայրերուն քով դրուեցաւ եւ ապականութիւն տեսաւ։ Բայց ան, որ Աստուած յարուցանեց՝ ապականութիւն չտեսաւ։ Ուրեմն յայտնի ըլլայ ձեզի, մարդի՛կ եղբայրներ, որ Յիսուսի միջոցով ձեզի մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի։ Այն ամէ՛ն բաներէն՝ որոնցմէ Մովսէսին օրէնքովը չկրցաք արդարանալ, բայց ամէն ով որ Յիսուսին հաւատայ, պիտի արդարանայ։ Արդ՝ զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ ձեր վրայ գայ այն որ մարգարէներուն մէջ ըսուած է. ‘Նայեցէ՛ք, արհամարհողներ եւ զարմացէ՛ք ու ոչնչացէ՛ք. վասն զի գործ մը պիտի ընեմ ձեր օրերուն մէջ, այնպիսի գործ մը՝ որ եթէ մէկը ձեզի պատմէ, պիտի չհաւատաք’։ Երբ անկէ դուրս ելան, կ’աղաչէին որ հետեւեալ շաբաթ՝ ՝ ալ նոյն խօսքերը իրենց խօսին։ Երբ ժողովուրդը արձակուեցաւ, Հրեաներէն ու նորահաւատ բարեպաշտներէն շատեր Պօղոսին ու Բառնաբասին ետեւէն կ’երթային. որոնք կը խօսէին անոնց հետ ու կը յորդորէին զանոնք, որ միշտ Աստուծոյ շնորհքին մէջ հաստատ կենան։ Հետեւեալ շաբաթ օրը գրեթէ բոլոր քաղաքը հաւաքուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու։ Իսկ Հրեաները երբ տեսան այն բազմութիւնը, նախանձով լեցուեցան ու Պօղոսին ըսածներուն դէմ կը խօսէին՝ հակառակելով ու հայհոյութիւն ընելով։ Այն ատեն Պօղոս եւ Բառնաբաս համարձակեցան ու ըսին. «Պէտք էր առաջ ձեզի խօսուէր Աստուծոյ խօսքը, բայց որովհետեւ դուք զանիկա կը մերժէք ու ինքզինքնիդ յաւիտենական կեանքի արժանի չէք սեպեր, ահա մենք հեթանոսներուն կը դառնանք։ Վասն զի Տէրը այսպէս պատուիրած է մեզի. ‘Քեզ հեթանոսներուն լոյս դրի, որպէս զի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս մինչեւ երկրին ծայրերը’»։ Ասիկա լսելով՝ հեթանոսները կ’ուրախանային ու Աստուծոյ խօսքը կը փառաւորէին եւ որոնք որ յաւիտենական կեանքի սահմանուած էին, հաւատացին։ Տէրոջը խօսքը բոլոր գաւառը կը տարածուէր։ Բայց Հրեաները գրգռեցին բարեպաշտ եւ պատուաւոր կիները ու քաղաքին մեծերը եւ Պօղոսին ու Բառնաբասին դէմ հալածանք հանելով՝ զանոնք իրենց սահմաններէն դուրս ըրին։ Անոնք ալ իրենց ոտքերուն փոշին անոնց դէմ թօթուելով՝ Իկոնիոն գացին։ Աշակերտները ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով կը լեցուէին։ Պօղոս եւ Բառնաբաս մէկտեղ Իկոնիոնի մէջ Հրեաներուն ժողովարանը մտան եւ այնպէս խօսեցան, որ խիստ շատ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին։ Բայց չհաւատացող Հրեաները դրդեցին ու չարութեան գրգռեցին հեթանոսներուն սիրտը եղբայրներուն դէմ։ Անոնք շատ ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակ կը քարոզէին Տէրոջմով որ իր շնորհաց խօսքին կը վկայէր եւ նշաններ ու հրաշքներ ընել կու տար անոնց ձեռքով։ Քաղաքին ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն մը եղաւ. ոմանք Հրեաներուն կողմէն եղան, ոմանք ալ՝ առաքեալներուն։ Երբ հեթանոսները եւ Հրեաները իրենց իշխաններովը անոնց վրայ յարձակեցան՝ զանոնք նախատելու ու քարկոծելու, Իրենք իմանալով Լիկայոնացիներուն քաղաքները փախան՝ Լիւստրա եւ Դերբէ եւ շրջակայ տեղերը՝ ու հոն աւետարանը կը քարոզէին։ Լիւստրայի մէջ մարդ մը նստեր էր ոտքերովը տկար՝ իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած, որ բնաւ քալած չէր։ Ասիկա Պօղոսին մտիկ կ’ընէր։ Ան ալ աչքը անոր տնկելով եւ տեսնելով թէ բժշուելու հաւատք ունի, Բարձր ձայնով մը ըսաւ. «Ելի՛ր, ոտքերուդ վրայ շիտա՛կ կայնէ»։ Ան ալ ցատկելով՝ կը քալէր։ Ժողովուրդը, երբ Պօղոսին ըրածը տեսաւ, ձայներնին վերցնելով՝ Լիկայոնարէն ըսին. «Աստուածները մարդոց նմանութիւնով մեզի իջեր են»։ Բառնաբասը Դիոս կը կոչէին եւ Պօղոսը՝ Հերմէս, վասն զի անիկա էր գլխաւոր խօսողը։ Իսկ քաղաքին առջեւ եղած Դիոսին քուրմը ցուլեր եւ պսակներ բերելով դռներուն առջեւ, բազմութեանը հետ մէկտեղ կ’ուզէր որ զոհ ընէ։ Բայց Բառնաբաս ու Պօղոս առաքեալները երբ լսեցին, իրենց հանդերձները պատռելով՝ դուրս ցատկեցին բազմութեանը մէջ, աղաղակելով ու ըսելով. «Մարդի՛կ, ինչո՞ւ համար այդ բաները կ’ընէք։ Մենք ալ ձեզի պէս կիրք ունեցող մարդիկ ենք ու կը քարոզենք ձեզի, որ այդ փուճ բաներէն կենդանի Աստուծոյ դառնաք, որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները, Որ անցած դարերուն թող տուաւ բոլոր ազգերուն, որ իրենց ճամբաները երթան։ Սակայն ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով»։ Այս բաները ըսելով՝ հազիւ կրցան ժողովուրդը զսպել, որ իրենց զոհ չմատուցանեն։ Սակայն Անտիոքէն ու Իկոնիոնէն Հրեաներ հասան ու ժողովուրդը համոզեցին եւ Պօղոսը քարկոծեցին ու քաղաքէն դուրս քաշեցին՝ կարծելով թէ մեռած է։ Բայց աշակերտները, երբ անոր բոլորտիքը պատեցին, ելաւ քաղաքը մտաւ ու հետեւեալ օրը Բառնաբասին հետ մէկտեղ Դերբէ գնաց։ Անոնք այն քաղաքին մէջ աւետարանը քարոզելով ու շատերը աշակերտ ընելով՝ Լիւստրա եւ Իկոնիոն եւ Անտիոք դարձան, Աշակերտներուն սրտերը հաստատելով եւ յորդորելով, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ եւ կ’ըսէին թէ՝ «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։ Անոնք իւրաքանչիւր եկեղեցիի երէցներ ձեռնադրեցին, ծոմապահութեամբ աղօթք ընելով զանոնք յանձնեցին Տէրոջը՝ որուն հաւատացեր էին։ Պիսիդիայի մէջէն պտըտելով՝ գացին Պամփիւլիա։ Պերգէի մէջ Տէրոջը խօսքը խօսելէ ետք, Ատալիա իջան։ Անկէ ալ նաւով Անտիոք գացին, ուրկէ Աստուծոյ շնորհքին յանձնուած էին այն գործին համար որ կատարեցին։ Ու երբ եկան, եկեղեցին մէկտեղ ժողվելով՝ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց միջոցով եւ որ հեթանոսներուն հաւատքի դուռ բացեր էր։ Հոն երկար ժամանակ աշակերտներուն քով կեցան։ Մէկ քանիներ, Հրէաստանէն եկած, եղբայրներուն կը սորվեցնէին թէ՝ եթէ Մովսէսին աւանդած սովորութեանը համեմատ չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ։ Ուստի Պօղոսին եւ Բառնաբասին դէմ շատ մը հակառակութիւն ու վէճ ընելէն ետքը, վճռեցին որ Պօղոսն ու Բառնաբասը եւ մէկ քանիներ ալ անոնցմէ՝ Երուսաղէմ երթան առաքեալներուն ու երէցներուն՝ այս խնդրին համար։ Անոնք ալ եկեղեցիէն ճամբու դրուելով՝ Փիւնիկէէն ու Սամարիայէն անցան եւ հեթանոսներուն դարձի գալը պատմելով՝ մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները։ Երբ Երուսաղէմ հասան, եկեղեցիէն ու առաքեալներէն եւ երէցներէն ընդունուեցան եւ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց միջոցով։ Փարիսեցիներու աղանդէն հաւատացեալներէն ոմանք ելան ու ըսին թէ՝ «Պէտք է թլփատել զանոնք ու պատուիրել որ Մովսէսին օրէնքը պահեն»։ Առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան այս մասին խորհելու։ Շատ վիճաբանութիւն ընելէ յետոյ, Պետրոս ոտքի վրայ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, դուք գիտէք թէ առաջին օրերէն Աստուած զիս ընտրեց մեր մէջէն, որպէս զի իմ բերնովս հեթանոսները աւետարանին խօսքը լսեն ու հաւատան։ Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով, ինչպէս մեզի ալ, Եւ խտրութիւն մը չըրաւ մեր ու անոնց մէջտեղ, հաւատքով անոնց սրտերը մաքրելով։ Ուստի հիմա ինչո՞ւ Աստուած կը փորձէք, աշակերտներուն պարանոցին վրայ այնպիսի լուծ մը դնելով, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կրցանք վերցնել։ Բայց կը հաւատանք թէ Տէր Յիսուսին շնորհքովը կը փրկուինք մենք, ինչպէս անոնք ալ»։ Բոլոր ժողովուրդը լուռ կեցաւ ու մտիկ կ’ընէր Բառնաբասին ու Պօղոսին, որոնք կը պատմէին թէ Աստուած ո՛րչափ նշաններ ու հրաշքներ ըրեր էր հեթանոսներուն մէջ իրենց ձեռքով։ Անոնք խօսքերնին կտրելէն հետոյ՝ Յակոբոս խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ինծի մտիկ ըրէ՛ք. Շմաւոն պատմեց թէ Աստուած ի՛նչպէս առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար։ Այս բանին համար մարգարէներուն խօսքերն ալ կը միաբանին, ինչպէս գրուած է. ‘Ասկէ ետեւ պիտի դառնամ ու Դաւիթին ինկած խորանը նորէն պիտի շինեմ եւ անոր կործանուած տեղերը նորէն պիտի շինեմ եւ կանգնեցնեմ զանիկա, Որպէս զի մնացած մարդիկը Տէրը փնտռեն եւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է’, կ’ըսէ Տէրը, որ այս ամէն բաները կ’ընէ։ Յայտնի են Աստուծոյ իր բոլոր գործերը աշխարհի սկիզբէն ի վեր։ Ասոր համար ես յարմար կը դատեմ նեղութիւն չտալ անոնց, որոնք հեթանոսներէն Աստուծոյ կը դառնան. Հապա թուղթ մը գրել անոնց՝ որ ետ կենան կուռքերու պղծութիւններէն եւ պոռնկութենէ ու խեղդուածէ եւ արիւնէ։ Վասն զի Մովսէս հին դարերէն ի վեր ամէն քաղաքի մէջ զինք քարոզողներ ունի եւ ժողովարաններու մէջ ամէն շաբաթ օր կը կարդացուի»։ Այն ատեն առաքեալներուն ու երէցներուն՝ բոլոր եկեղեցիին հետ մէկտեղ աղէկ երեւցաւ որ իրենցմէ մարդիկ ընտրելով Անտիոք ղրկեն Պօղոսին ու Բառնաբասին հետ, Բարսաբա մականուանեալ Յուդան եւ Շիղան, որոնք գլխաւոր մարդիկ էին եղբայրներուն մէջ։ Ու անոնց ձեռքով թուղթ մը ղրկեցին, այսպէս գրուած. «Առա՛քեալներ ու երէ՛ցներ եւ ե՛ղբայրներ, Անտիոքի ու Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ հեթանոսներէն եղած եղբայրներուդ ողջո՛յն։ Որովհետեւ լսեցինք թէ ոմանք մեր մէջէն ելլելով՝ ձեզ խօսքերով խռովեցուցեր եւ ձեր անձերը նեղած են, ըսելով թէ պէտք է թլփատուիլ ու օրէնքը պահել, որոնց մենք այսպէս չպատուիրեցինք։ Մեզի միաբանութեամբ հաւաքուածներուս աղէկ երեւցաւ, որ մարդիկ ընտրելով ձեզի ղրկենք՝ մեր սիրելիներուն, Բառնաբասին ու Պօղոսին հետ, Որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անուանը համար անձերնին մատնած մարդիկ են։ Ուստի ղրկեցինք Յուդան եւ Շիղան, որպէս զի իրենք ալ բերնով նոյն բաները ձեզի ըսեն. Վասն զի աղէկ երեւցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ ձեր վրայ աւելի բեռ չդնել այս հարկաւոր բաներէն զատ, Որ ետ կենաք կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ, որոնցմէ ինքզինքնիդ պահելով աղէկ պիտի ընէք։ Ո՛ղջ եղէք»։ Անոնք ալ ճամբայ դրուելով՝ Անտիոք գացին եւ ժողովուրդը մէկտեղ ժողվելով թուղթը տուին։ Ու երբ կարդացին, ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար։ Իսկ Յուդա ու Շիղա, որ իրենք ալ մարգարէ էին, շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին։ Ատեն մը հոն կենալէ յետոյ, եղբայրներէն խաղաղութեամբ ճամբայ դրուեցան ու առաքեալներուն դարձան ։ Բայց Շիղային յարմար երեւցաւ, որ հոն մնայ։ Պօղոսն ու Բառնաբասն ալ Անտիոքի մէջ կը կենային եւ ուրիշ շատերու հետ Տէրոջը խօսքը կը սորվեցնէին ու կը քարոզէին։ Քանի մը օր յետոյ Պօղոս ըսաւ Բառնաբասին. «Դառնանք ու այցելենք եղբայրներուն՝ բոլոր քաղաքները, ուր Տէրոջը խօսքը քարոզեցինք եւ տեսնենք թէ ի՞նչպէս են։ Բառնաբաս կ’ուզէր որ Յովհաննէսն ալ առնեն, որ Մարկոս կը կոչուէր. Բայց Պօղոս արժան չսեպեց որ Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ զատուողը ու իրենց հետ գործի չեկողը իրենց հետ առնեն։ Այսպէս անոնց մէջ գժտութիւն մը եղաւ, ստիպուած իրարմէ զատուեցան։ Բառնաբաս առաւ Մարկոսը ու նաւով Կիպրոս գնաց։ Պօղոս ալ Շիղան ընտրեց ու ելաւ, եղբայրներէն Աստուծոյ շնորհքին յանձնուելով Եւ Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ մէջ կը պտըտէր ու եկեղեցիները կը հաստատէր։ Պօղոս հասաւ Դերբէ ու Լիւստրա։ Հոն աշակերտ մը կար Տիմոթէոս անունով, որ հաւատացեալ Հրեայ կնոջ մը զաւակն էր, իսկ հայրը Յոյն էր։ Ան Լիւստրացի ու Իկոնացի եղբայրներէն ալ բարի վկայուած էր։ Պօղոս ուզեց որ ասիկա իրեն հետ ելլէ։ Առաւ թլփատեց զանիկա այն տեղերը եղած Հրեաներուն համար, վասն զի ամէնքն ալ գիտէին թէ անոր հայրը Յոյն էր։ Ապա կարգ մը քաղաքներէ անցնելով, Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները կ’աւանդէին անոնց որ պահեն։ Եկեղեցիներն ալ հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար։ Փռիւգիոյ ու Գաղատացիներու կողմերը պտըտեցան. հոն Սուրբ Հոգին արգիլեց որ Աստուծոյ խօսքը Ասիայի մէջ խօսին, Երբ Միւսիայի կողմերը երթալով կը ջանային դէպի Բիւթանիա երթալ. [Յիսուսի] Հոգին թող չտուաւ անոնց։ Ուստի Միւսիայի քովէն անցնելով Տրովադա գացին։ Հոն գիշերը Պօղոսին տեսիլք մը երեւցաւ. Մակեդոնացի մարդ մը կայներ կ’աղաչէր անոր ու կ’ըսէր. «Մակեդոնիա՛ անցիր եւ օգնէ՛ մեզի»։ Երբ այն տեսիլքը տեսաւ, շուտ մը ուզեցինք Մակեդոնիա երթալ, հասկնալով որ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ անոնց աւետարան քարոզելու։ Ուստի նաւով Տրովադայէն ելանք ու շիտակ Սամոթրակէ գացինք ու հետեւեալ օրը՝ Նէապոլիս, Անկէ ալ՝ Փիլիպպէ, որ է Մակեդոնիոյ մէկ մասին գլխաւոր քաղաքը՝ Կողովնիա։ Այն քաղաքին մէջ քանի մը օր կեցանք։ Շաբաթ օրը քաղաքէն դուրս ելանք գետեզերքին քով՝ ուր սովորութիւն ունէին աղօթք ընելու, նստելով հաւաքուած կիներուն կը խօսէինք։ Եւ Թիւատիր քաղաքէն ծիրանավաճառ կին մը Լիդիա անուն, որ աստուածավախ մէկն էր, մտիկ կ’ընէր. որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ։ Հոն մկրտուեցան ինք եւ իր տունը, եւ աղաչեց ու ըսաւ. «Եթէ զիս Տէրոջը հաւատացեալ կը սեպէք, իմ տունս մտէք բնակեցէք»։ Եւ ստիպելով տարաւ մեզ։ Օր մը՝ երբ մենք աղօթքի կ’երթայինք, աղախին մը պատահեցաւ մեզի, որ հարցուկ ոգի ունէր եւ գուշակութիւն ընելով՝ իր տէրերուն շատ վաստակ կը բերէր։ Ասիկա Պօղոսին եւ մեր ետեւէն իյնալով՝ կը պոռար ու կ’ըսէր. «Այս մարդիկը Բարձրեալն Աստուծոյ ծառաներն են, որոնք մեզի փրկութեան ճամբան կը քարոզեն»։ Այս բանը շատ օրեր կ’ընէր. իսկ Պօղոս վշտանալով՝ դարձաւ ու ըսաւ այն ոգիին. «Յիսուս Քրիստոսին անունով հրաման կ’ընեմ քեզի, Ելի՛ր ատկէ»։ Նոյն ժամուն ելաւ։ Երբ տեսան անոր տէրերը, որ իրենց վաստակին յոյսը կտրեցաւ, Պօղոսը ու Շիղան բռնեցին ու հրապարակը քաշեցին իշխաններուն առջեւ։ Ապա տարին զանոնք զօրագլուխներուն քով ու ըսին. «Այս մարդիկը մեր քաղաքը իրար կ’անցընեն. իրենք Հրեայ են Եւ այնպիսի սովորութիւններ կը քարոզեն, որոնք արժան չէ մեզի ընդունիլ, ո՛չ ալ ընել, վասն զի Հռովմայեցի ենք»։ Բազմութիւնը անոնց վրայ դիզուեցաւ. զօրագլուխներն ալ բռնութեամբ անոնց հանդերձները հանեցին եւ հրաման ըրին որ զանոնք ծեծեն։ Անոնց շատ վէրքեր տալէ յետոյ բանտ դրին, պատուիրելով բանտապետին որ զգուշութեամբ պահէ զանոնք։ Ան ալ այսպէս հրաման առնելով՝ զանոնք ներսի բանտը դրաւ ու ոտքերնին կոճղի մէջ ամրացուց։ Կէս գիշերին Պօղոս ու Շիղա աղօթք կ’ընէին եւ Աստուած կ’օրհնէին ու բանտարկեալներն ալ մտիկ կ’ընէին։ Յանկարծ մեծ շարժ մը եղաւ, այնպէս որ բանտին հիմերը սասանեցան, անմիջապէս բոլոր դռները բացուեցան, ամենուն կապերը արձակուեցան։ Բանտապետը, երբ արթնցաւ ու բանտին դռները բացուած տեսաւ, թուրը քաշեց եւ ինքզինք պիտի սպաննէր, կարծելով թէ կապուածները փախեր են։ Բայց Պօղոս բարձր ձայնով կանչեց ու ըսաւ. «Դուն քու անձիդ վնաս մը մի՛ ըներ, վասն զի ամէնքս ալ հոս ենք»։ Անիկա ճրագ մը ուզեց ու ներս վազեց եւ դողալով Պօղոսին ու Շիղային առջեւ ինկաւ Եւ զանոնք դուրս բերելով՝ ըսաւ. «Տէ՛րեր, ի՞նչ պէտք է ընեմ, որ փրկուիմ»։ Անոնք ալ ըսին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսին ու պիտի փրկուիք դուն եւ քու տունդ»։ Եւ Տէրոջը խօսքը խօսեցան անոր ու այն ամենուն որոնք անոր տանը մէջ էին։ Բանտապետը առաւ զանոնք գիշերուան նոյն ժամուն ու անոնց վէրքերը լուաց եւ մկրտուեցան ինք ու բոլոր իրենները։ Զանոնք իր տունը տանելով՝ անոնց առջեւ սեղան դրաւ եւ բոլոր տունով ուրախացան՝ Աստուծոյ հաւատալով։ Առտուն զօրագլուխները սպասաւորներ ղրկեցին ու ըսին. «Արձակէ՛ այդ մարդիկը»։ Բանտապետն ալ այն խօսքերը Պօղոսին պատմեց, թէ՝ ‘Զօրագլուխները ղրկեցին, որ արձակուիք. ուստի հիմա ելէք եւ խաղաղութեամբ գացէք’։ Պօղոս ըսաւ անոնց. «Մեզ՝ որ չդատապարտուած Հռովմայեցի մարդիկ ենք՝ յայտնապէս ծեծելով բանտը դրին ու հիմա գաղտո՞ւկ կը հանեն։ Ո՛չ, հապա թող իրենք գան ու մեզ հանեն»։ Սպասաւորները զօրագլուխներուն պատմեցին այդ խօսքերը։ Անոնք ալ, երբ լսեցին թէ Հռովմայեցի են՝ վախցան ու եկան քաղցրութեամբ խօսեցան անոնց հետ Եւ դուրս հանելով՝ կ’աղաչէին որ այն քաղաքէն երթան։ Անոնք ալ բանտէն ելլելով՝ Լիդիայի տունը մտան ու եղբայրները տեսնելով՝ մխիթարեցին զանոնք եւ գացին։ Անոնք Ամփիպոլիս եւ Ապողոնիա պտըտելով՝ Թեսաղոնիկէ գացին, ուր էր Հրեաներուն ժողովարանը։ Պօղոս ալ իր սովորութեանը պէս անոնց մէջ մտաւ եւ երեք շաբաթ օր խօսեցաւ անոնց հետ գրքերէն, Մեկնելով եւ անոնց առջեւ դնելով թէ՝ պէտք էր որ Քրիստոս չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր եւ թէ ‘Այն Յիսուսը որ ես ձեզի կը քարոզեմ, ըսաւ, Քրիստոսն է’։ Անոնցմէ ոմանք հաւատացին ու Պօղոսին եւ Շիղային հետ միացան. աստուածավախ Յոյներէն ալ մեծ բազմութիւն ու երեւելի կիներէն ալ հաւատացողները քիչուոր չէին։ Բայց չհաւատացող Հրեաները նախանձեցան եւ քանի մը դատարկապորտ, անօրէն մարդիկ առնելով՝ աղմուկ հանեցին ու քաղաքը տակնուվրայ ըրին եւ Յասոնին տանը վրայ յարձակելով՝ կ’ուզէին զանոնք ժողովքին առջեւ տանիլ։ Երբ զանոնք չգտան, Յասոնը ու մէկ քանի եղբայրներ քաշելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ, կանչուըռտելով թէ՝ «Անոնք որ աշխարհը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասեր են. Որոնք Յասոն ընդուներ է։ Ասոնք ամէնքը Կայսրին հրամաններուն դէմ կը գործեն, ըսելով թէ ուրիշ թագաւոր մը կայ՝ Յիսուս»։ Եւ խռովեցուցին ժողովուրդն ու քաղաքապետները, որոնք այս բաները կը լսէին։ Բայց երբ Յասոնէն եւ ուրիշներէ երաշխաւորութիւն առին, արձակեցին զանոնք։ Իսկ եղբայրները շուտ մը գիշերով Պօղոսը եւ Շիղան Բերիա ղրկեցին, որոնք հասնելով՝ Հրեաներու ժողովարանը գացին։ Ասոնք Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներէն աւելի ազնիւ մարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են։ Անոնցմէ շատեր հաւատացին եւ պատուաւոր Յոյն կիներէն ու այրերէն հաւատացողներն ալ քիչուոր չէին։ Բայց երբ իմացան Թեսաղոնիկեցի Հրեաները թէ Բերիայի մէջ ալ Աստուծոյ խօսքը քարոզուեցաւ Պօղոսէն, հոն ալ եկան ու ժողովուրդը գրգռեցին։ Այն ատեն եղբայրները շուտ մը Պօղոսը ղրկեցին՝ որ մինչեւ ծովեզերքը երթայ, բայց Շիղա եւ Տիմոթէոս հոն մնացին։ Անոնք որ Պօղոսը կը տանէին, մինչեւ Աթէնք տարին զանիկա եւ իրմէ հրաման առնելով՝ Շիղային ու Տիմոթէոսին համար, որ շուտով իրեն գան, վերադարձան։ Պօղոս Աթէնքի մէջ անոնց սպասելով՝ իր հոգին անհանգիստ էր ներսիդին, վասն զի քաղաքը բոլորովին կռապաշտութեան մէջ ընկղմած կը տեսնէր։ Ուստի ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց եւ ամէն օր հրապարակներուն մէջ՝ որոնց որ պատահէր։ Ու Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներէն մէկ քանիներ իրեն հետ հակաճառութիւն կ’ընէին։ Ոմանք կ’ըսէին. «Այս սերմանաքաղը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ»։ Ուրիշներ ալ կ’ըսէին. «Կ’երեւի թէ օտար աստուածներու քարոզիչ է». վասն զի Յիսուսը ու յարութիւնը կ’աւետարանէր անոնց։ Առին զանիկա Արիսպագոս տարին ու կ’ըսէին. «Կրնա՞նք իմանալ թէ ի՞նչ է այդ նոր վարդապետութիւնը, որ դուն կը քարոզես. Քանզի մեր ականջներուն օտար բաներ կը բերես, ուրեմն կ’ուզենք իմանալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք»։ (Վասն զի Աթենացիները ամէնքն ալ ու հոն կեցող օտարականները ուրիշ բանի չէին պարապեր, բայց միայն նոր բան խօսելու կամ լսելու։) Այն ատեն Պօղոս Արիսպագոսի մէջ կայնեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Աթենացի մարդիկ, ամէն կողմանէ խիստ կրօնասէր կը տեսնեմ ձեզ։ Քանզի ես պտըտելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ սեղան մը գտայ, որուն վրայ գրուած էր, ԱՆԾԱՆՕԹ ԱՍՏՈՒԾՈՅՆ. ուստի զանիկա որ դուք չճանչնալով կը պաշտէք, ես նոյնը ձեզի կը քարոզեմ։ Աստուած, որ աշխարհը ստեղծեց եւ անոր մէջի բոլոր բաները, անիկա երկնքի ու երկրի Տէրն ըլլալով՝ ո՛չ ձեռագործ տաճարներու մէջ կը բնակի, Ո՛չ ալ մարդոց ձեռքով կը պաշտուի՝ բանի մը կարօտի պէս. քանզի ինք կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան։ Բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ ըրաւ, որպէս զի բոլոր երկրի երեսին վրայ բնակին եւ որոշուած ժամանակներ հաստատեց ու անոնց բնակութեան սահմանները՝ Աստուած փնտռելու. Որպէս զի խարխափելով զինք գտնեն. թէպէտեւ մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ. Վասն զի անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն մէկ քանիներն ալ ըսին. ‘Քանզի մենք անոր ցեղէն ալ ենք’։ Ուստի՝ Աստուծոյ ցեղէն ըլլալով՝ պէտք չէ որ այնպէս սեպենք թէ Աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, որ մարդու վարպետութիւնով ու խելքով քանդակուած է։ Արդ՝ Աստուած տգիտութեան ատենները անտես ընելով՝ հիմա ամէն տեղ կը պատուիրէ բոլոր մարդոց, որ ապաշխարեն։ Վասն զի ինք օր մը սահմանեց, որուն մէջ աշխարհս արդարութեամբ պիտի դատէ այն մարդուն ձեռքով՝ որ որոշեց ու ամենուն հաւատացուց՝ զանիկա մեռելներէն յարուցանելով»։ Երբ մեռելներուն յարութիւնը լսեցին, ոմանք ծաղր կ’ընէին, ոմանք ալ կ’ըսէին. «Այդ բանին համար ուրիշ անգամ մտիկ պիտի ընենք քեզի»։ Ապա Պօղոս անոնց մէջէն հեռացաւ։ Սակայն քանի մը մարդիկ իրեն յարելով հաւատացին, որոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացի եւ Դամարիս անունով կին մը ու անոնց հետ ուրիշներ ալ։ Ասկէ յետոյ Պօղոս Աթէնքէն զատուելով՝ Կորնթոս գնաց, Ուր Հրեայ մը գտաւ Ակիւղաս անունով, ծնունդով պոնտացի, որ իր Պրիսկիղա կնոջ հետ նոր եկեր էր Իտալիայէն, (Կղօդիոս հրամայած էր, որ բոլոր Հրեաները Հռովմէն հեռանան,) ու անոնց քով գնաց։ Որովհետեւ ինք արհեստակից էր, անոնց քով կեցաւ եւ կը գործէր, վասն զի արհեստով վրանագործ էին։ Ամէն շաբաթ օր ժողովարանին մէջ կը խօսէր եւ Հրեաներն ու Յոյները կը համոզէր։ Երբ Շիղան եւ Տիմոթէոսը Մակեդոնիայէն եկան, Պօղոսին հոգին եռանդով վառուած ըլլալով, վկայութիւնով Հրեաները կը համոզէր թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է։ Անոնք ալ երբ դէմ կեցան ու կը հայհոյէին, ինք հանդերձները թօթուելով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր արիւնը՝ ձեր գլուխը, ես անպարտ եմ։ Ասկէ յետոյ հեթանոսներուն պիտի երթամ»։ Անկէ երթալով՝ մտաւ մէկուն տունը, որուն անունը Յուստոս էր, աստուածավախ մարդ մը, որուն տունը ժողովարանին կից էր։ Ժողովրդապետը՝ Կրիսպոս՝ իր բոլոր տունովը հաւատաց Տէրոջը։ Կորնթացիներէն շատեր ալ լսելով հաւատացին ու մկրտուեցան։ Գիշերը տեսիլքի մէջ Տէրը ըսաւ Պօղոսին. «Մի՛ վախնար, հապա խօսէ՛ եւ լուռ մի՛ կենար, Վասն զի ես քեզի հետ եմ եւ մէ՛կը քեզի դէմ պիտի չելլէ՝ քեզի վնաս մը հասցնելու համար. քանզի այս քաղաքին մէջ ես շատ ժողովուրդ ունիմ»։ Հոն տարի մը ու վեց ամիս կեցաւ ու Աստուծոյ խօսքը անոնց կը սորվեցնէր։ Աքայիայի փոխանորդ բդեշխին՝ Գաղիոնին՝ օրերը Հրեաները միաբանելով՝ Պօղոսին դէմ ելան եւ զանիկա ատեանը տարին, Ըսելով. «Ասիկա կը հրապուրէ մարդիկ օրէնքէն դուրս Աստուած պաշտելու»։ Երբ Պօղոս իր բերանը բանալու պատրաստ էր, Գաղիոն ըսաւ Հրեաներուն. «Եթէ անիրաւութեան մը կամ չար գործի մը համար ըլլար, ո՛վ Հրեաներ, կ’արժէր որ ձեզի մտիկ ընէի։ Բայց եթէ վէճը խօսքի ու անուններու եւ ձեր օրէնքին վրայով է՝ դուք ձեզմէ տեսէք դատը. վասն զի ես այդպիսի բաներու դատաւոր ըլլալ չեմ ուզեր»։ Զանոնք ատեանէն վռնտեց։ Այն ատեն բոլոր Յոյները Սոսթենէս ժողովրդապետը բռնեցին ու ատեանին առջեւ ծեծեցին։ Այս բաներուն համար Գաղիոն բնաւ հոգ չէր ըներ։ Պօղոս տակաւին շատ օրեր հոն մնալէ ետքը, եղբայրներէն բաժնուելով՝ նաւով դէպի Սուրիա գնաց Պրիսկիղային եւ Ակիւղասին հետ, առաջ Կենքրայի մէջ իր մազերը կտրելով, վասն զի ուխտաւոր էր։ Երբ Եփեսոս հասաւ, զանոնք հոն ձգեց եւ ինք ժողովարանը մտնելով՝ Հրեաներուն հետ կը խօսէր։ Անոնք իրեն կ’աղաչէին որ աւելի երկար ժամանակ իրենց քով մնայ, բայց յանձնառու չեղաւ. Հապա հեռացաւ անոնցմէ՝ ըսելով. «Պէտք է անպատճառ այս յառաջիկայ տօնը Երուսաղէմի մէջ ընեմ, բայց Աստուծոյ կամքովը նորէն ձեզի պիտի դառնամ»։ Եփեսոսէն նաւով ճամբայ ելաւ Եւ Կեսարիա հասնելով՝ Երուսաղէմ գնաց ու եկեղեցիին բարեւ տուաւ ու ետքը գնաց Անտիոք։ Ատեն մը հոն կենալէ յետոյ կարգաւ Գաղատացիներու երկիրը ու Փռիւգիա կը պտըտէր ու բոլոր աշակերտները կը հաստատէր։ Ապօղոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով Աղեքսանդրացի, ճարտասան մարդ մը, եկաւ հասաւ Եփեսոս։ Ան զօրաւոր էր սուրբ գրքերով եւ Տէրոջը ճամբուն մէջ վարժուած էր։ Ջերմեռանդ հոգի ունենալով՝ կը խօսէր ու կը սորվեցնէր ճշդութեամբ Տէրոջը վրայով. բայց ինք միայն Յովհաննէսին մկրտութիւնը գիտէր։ Ասիկա սկսաւ ժողովարանին մէջ համարձակ խօսիլ։ Երբ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա լսեցին, զանիկա ալ իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին։ Անիկա ուզեց Աքայիա երթալ։ Եղբայրները քաջալերեցին զանիկա ու գիր գրեցին այն տեղի աշակերտներուն, որ զանիկա ընդունին։ Հոն հասնելով՝ շատ օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն՝ Աստուծոյ շնորհքով։ Քանզի հրապարակաւ սաստիկ կը յանդիմանէր Հրեաները, սուրբ գրքերէն ցուցնելով թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է։ Քանի որ Ապօղոս Կորնթոսի մէջ էր, Պօղոս վերի կողմերը պտըտելով Եփեսոս հասաւ եւ քանի մը աշակերտներ գտնելով՝ Ըսաւ անոնց. «Երբ հաւատացիք, Սուրբ Հոգին առի՞ք արդեօք»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Բայց մենք լսած ալ չենք թէ Սուրբ Հոգին կայ»։ Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք»։ Անոնք ալ ըսին. «Յովհաննէսին մկրտութիւնովը»։ Պօղոս ալ ըսաւ. «Յովհաննէս ապաշխարութեան մկրտութիւնով մկրտեց ու ժողովուրդին ալ ըսաւ, որ հաւատան անոր, որ իրմէ յետոյ պիտի գայ, այսինքն՝ Քրիստոս Յիսուսին»։ Երբ ասիկա լսեցին, Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուեցան։ Պօղոս, երբ անոնց վրայ ձեռք դրաւ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ եկաւ եւ լեզուներ կը խօսէին ու կը մարգարէանային։ Անոնք բոլորը տասներկու հոգի էին։ Ապա ժողովարանը մտնելով՝ երեք ամիս համարձակութեամբ Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով կը խօսէր ու կը համոզէր։ Երբ մէկ քանիները կը յամառէին ու դէմ կը դնէին՝ բազմութեան առջեւ կը վարկաբեկէին այն ճամբան, ինք անոնցմէ հեռացաւ եւ աշակերտներ զատեց ու ամէն օր Տիւրան անուն մէկուն դպրատանը մէջ կը խօսէր։ Ասիկա երկու տարի տեւեց, մինչեւ որ բոլոր Ասիայի մէջ բնակող Հրեաները ու Յոյները Տէրոջը խօսքը լսեցին։ Եւ Աստոած նշանաւոր հրաշքներ կ’ընէր Պօղոսին ձեռքով. Այնպէս որ անոր մարմնէն թաշկինակներ ու գոգնոցներ կը տանէին հիւանդներուն եւ անոնք կը բժշկուէին ու չար ոգիները կ’ելլէին։ Բայց աստանդական Հրեաներէն մէկ քանիները, որոնք երդմնեցուցիչ էին, յանդգնեցան Տէր Յիսուսին անունը կանչել անոնց վրայ, որոնք չար ոգիներ ունէին եւ կ’ըսէին. «Ձեզ կ’երդմնցնենք այն Յիսուսով, որ Պօղոս կը քարոզէ»։ Այս բանը ընողները Սկեւա ըսուած Հրեայ քահանայապետի մը եօթը որդիներն էին։ Չար ոգի մը պատասխանեց անոնց. «Յիսուսը կը ճանչնամ ու Պօղոսը գիտեմ, բայց դուք ո՞վ էք»։ Այն մարդը, որուն ներսիդին էր չար ոգին, անոնց վրայ ցատկելով՝ բռնեց զանոնք ու տապալեց, այնպէս որ տունէն մերկ ու վիրաւորուած դուրս փախան։ Այս բանը Եփեսոսի մէջ բնակող բոլոր Հրեաներուն ու Յոյներուն յայտնի եղաւ եւ ամենուն վրայ վախ մը ինկաւ ու Տէր Յիսուսին անունը կը մեծարուէր։ Հաւատացեալներէն շատեր կու գային ու կը խոստովանէին ու կը պատմէին իրենց ըրածները։ Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին։ Անոնց գինը հաշուեցին, յիսուն հազար արծաթ դահեկան գտան։ Այսպէս Տէրոջը խօսքը մեծապէս կ’աճէր եւ կը զօրանար։ Երբ այս բաները լմնցան, Պօղոս միտքը դրաւ որ Մակեդոնիայէն ու Աքայիայէն պտըտելով՝ Երուսաղէմ երթայ ու կ’ըսէր. «Հոն երթալէս ետքը պէտք է որ Հռովմ ալ տեսնեմ»։ Իրեն սպասաւորութիւն ընողներէն երկուքը, Տիմոթէոսն ու Երաստոսը ղրկեց Մակեդոնիա ու ինք ատեն մըն ալ Ասիա կեցաւ։ Այն ատենները շատ խռովութիւն եղաւ Տէրոջը ճամբուն համար։ Քանզի Դեմետրիոս անունով արծաթագործ մը Արտեմիսի փոքրիկ տաճարներ կը շինէր արծաթէ, որը քիչ շահ չէր բերեր վարպետներուն։ Ինք մէկտեղ ժողվեց նոյն արհեստին բանուորները ու ըսաւ. «Մա՛րդիկ, դուք գիտէք թէ այս գործէն է մեր շահը Եւ կը տեսնէք ու կը լսէք թէ այս Պօղոսը ո՛չ միայն Եփեսացիները հապա գրեթէ բոլոր Ասիացիները համոզելով՝ մտքերնին դարձուց, ըսելով թէ՝ ‘Ձեռքով շինուածները աստուածներ չեն’։ Ուստի վտանգ կայ որ՝ ո՛չ միայն այս մեր կողմը պիտի նախատուի, հապա մեծ աստուածուհիին՝ Արտեմիսին՝ տաճարն ալ ոչինչ պիտի սեպուի եւ անոր մեծափառութիւնը պիտի խափանուի, որ բոլոր Ասիա ու աշխարհ կը պաշտեն»։ Երբ ասիկա լսեցին, բարկութեամբ լեցուած կը կանչուըռտէին ու կ’ըսէին. «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»։ Եւ բոլոր քաղաքը խռովութեամբ լեցուեցաւ եւ յափշտակելով Գայիոս ու Արիստարքոս Մակեդոնացիները՝ Պօղոսին ճանապարհորդակիցները՝ ամէնքը մէկէն թատրոնը վազեցին։ Իսկ Պօղոս, երբ ուզեց ժողովուրդին մէջ մտնել, աշակերտները թող չտուին։ Ասիապետներէն ոմանք ալ, որոնք իր բարեկամներն էին, մարդ ղրկելով իրեն՝ կ’աղաչէին որ չփորձէ թատրոնը երթալ։ Ուստի մէկը՝ մէկ կերպ ու միւսը՝ ուրիշ կերպ բան կը կանչուըռտէին, վասն զի ժողովուրդը շփոթութեան մէջ էր եւ շատեր չէին գիտեր թէ ի՞նչ բանի համար հաւաքուած են։ Բազմութեանը մէջէն յառաջ բերին Աղեքսանդրոսը, որ Հրեաները յառաջ քշեցին. Աղեքսանդրոս ալ ձեռքը շարժելով՝ կ’ուզէր որ ժողովուրդին պատասխան տայ։ Երբ գիտցան թէ անիկա Հրեայ է, ամէնքը մէկ բերան եղած՝ երկու ժամու չափ կը կանչուըռտէին թէ՝ «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»։ Սակայն ատենադպիրը բազմութիւնը հանդարտեցնելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Եփեսացի մարդիկ, ո՞վ չի գիտեր թէ Եփեսացիներու քաղաքը մեծ Արտեմիսի ու Դիոսէ ինկած կուռքին տաճարն է։ Ուրեմն քանի որ անվիճելի բան մըն է, պէտք է հանդարտ կենաք եւ յանդգնութեամբ բան մը չընէք։ Դուք այդ մարդիկը հոս բերիք, որոնք ո՛չ տաճար կողոպտողներ են, ո՛չ ալ ձեր աստուածուհիին հայհոյանք ըրեր են։ Ուստի եթէ Դեմետրիոս եւ իրեն հետ եղած վարպետները մէկուն հետ բան մը ունին, դատի օրեր կան ու փոխանորդ բդեշխը կայ. թող անոր առջեւ ամբաստանութիւն ընեն. Իսկ եթէ ուրիշ բաներու համար է ձեր պահանջը, օրինաւոր ժողովի մէջ թող որոշուի։ Վասն զի մենք ալ այսօրուան եղածին համար իբրեւ խռովայոյզ մարդիկ ամբաստանուելու վտանգին մէջ ենք, քանզի միջոց մը չկայ, որով կարող ըլլանք այս խառնամբոխ բազմութեանը համար պատասխան տալ»։ Եւ այսպէս ըսելով ժողովը արձակեց։ Աղմուկը դադարելէ յետոյ Պօղոս աշակերտները իրեն կանչեց ու հրաժարական ողջոյն տալով՝ ելաւ որ Մակեդոնիա երթայ։ Եւ այն կողմերը պտըտելէ ու շատ խօսքերով զանոնք յորդորելէ ետքը Ելլադա գնաց։ Հոն երեք ամիս կենալէ ետքը, Հրեաները իրեն դէմ նենգութեան խորհուրդ ըրին, երբ կ’ուզէր Սուրիա երթալ. անոր համար որոշեց Մակեդոնիայի վրայէն դառնալ։ Մինչեւ Ասիա իրեն հետ կ’երթային Բերիացի [Պիռոսի որդին ] Սոպատրոսը եւ Թեսաղոնիկեցիներէն Արիստարքոսն ու Սեկունդոսը եւ Գայիոս Դերբացին ու Տիմոթէոսը եւ Ասիացի՝ Տիւքիկոսն ու Տրոփիմոսը։ Ասոնք առաջ գացին ու Տրովադայի մէջ մեզի կ’սպասէին։ Մենք ալ Բաղարջակերացի օրերէն յետոյ Փիլիպպէէն նաւեցինք եւ հինգ օրուան մէջ Տրովադա հասանք անոնց քով ու հոն եօթը օր կեցանք։ Մէկշաբթի օրը երբ հաւաքուեր էինք՝ ՝ հաց կտրելու, Պօղոս անոնց կը քարոզէր, վասն զի հետեւեալ օրը ճամբայ պիտի ելլէր եւ խօսքը երկնցուց մինչեւ կէս գիշեր։ Շատ լապտերներ կային այն վերի սենեակը՝ ուր մենք հաւաքուած էինք։ Երիտասարդ մը, Եւտիքոս անուն, պատուհանին վրայ նստած՝ խորունկ քունի մէջ մտեր էր։ Երբ Պօղոս խօսքը երկնցուց, անիկա խորունկ քնով բռնուած՝ երրորդ դստիկոնէն վար ինկաւ ու զանիկա մեռած վերցուցին։ Պօղոս վար իջնելով՝ անոր վրայ ինկաւ ու գրկեց զանիկա ու ըսաւ. «Մի՛ խռովիք, վասն զի ասոր հոգին իր մէջն է»։ Եւ վեր ելլելով՝ հացը կտրեց ու կերաւ։ Երկար խօսեցաւ մինչեւ առտու, ետքը ելաւ գնաց։ Այն պատանին ողջ բերին ու մեծապէս մխիթարուեցան։ Իսկ մենք նաւը մտնելով՝ ճամբայ ելանք դէպի Ասոն, ուրկէ Պօղոսը պիտի առնէինք, վասն զի այնպէս ապսպրեր էր, որովհետեւ ինք ցամաքով պիտի երթար։ Երբ Ասոնի մէջ մեզի հանդիպեցաւ, առինք զանիկա եւ Միտիլինէ գացինք։ Անկէ ալ նաւով հետեւեալ օրը Քիոսի դէմը հասանք։ Միւս օրը Սամոս հասանք ու գիշերը Տրոգիլիոն կենալով՝ միւս օրը Մելիտոս գացինք, Վասն զի Պօղոս միտքը դրեր էր որ նաւով անցնի Եփեսոսի քովէն, որ չըլլայ թէ Ասիայի մէջ ժամանակ անցընէ, որովհետեւ կ’արտորար որ եթէ կարելի է, Պէնտէկոստէին Երուսաղէմ ըլլայ։ Մելիտոսէն մարդ ղրկեց Եփեսոս ու եկեղեցիին երէցները կանչեց։ Երբ եկան, ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէք թէ՝ առաջին օրէն ի վեր երբ ես Ասիա եկայ, ի՛նչպէս ձեզի հետ վարուեցայ բոլոր ժամանակը։ Ամենայն խոնարհութեամբ Տէրոջը ծառայելով եւ շատ արցունքով ու փորձութիւններով որ Հրեաներու նենգութիւնով ինծի պատահեցան. Ի՛նչպէս վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ սորվեցնելէ. Վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար։ Եւ հիմա՝ ահա՛ ես հոգիով կապուած՝ Երուսաղէմ կ’երթամ եւ հոն ինծի ի՞նչ պիտի պատահի՝ չեմ գիտեր. Միայն թէ Սուրբ Հոգին ամէն քաղաքի մէջ ինծի կը վկայէ թէ՝ կապեր ու նեղութիւններ ինծի կը սպասեն։ Բայց ես բանի մը համար հոգ չեմ ըներ եւ իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու։ Եւ հիմա ահա ես գիտեմ որ ա՛լ իմ երեսս պիտի չտեսնէք դուք ամէնքդ, որոնց մէջ պտըտեցայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզելով։ Ուստի այսօր կ’իմացնեմ ձեզի, թէ ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն։ Վասն զի ետ չկեցայ Աստուծոյ բոլոր կամքը ձեզի յայտնելէ։ Ուրեմն զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր արիւնովը ստացաւ։ Քանզի գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար։ Ուստի արթո՛ւն կեցէք եւ մտքերնիդ բերէք՝ թէ երեք տարի գիշեր ու ցորեկ չդադարեցայ ամէն մէկը արցունքով խրատելէ։ Եւ հիմա, եղբա՛յրներ, կը յանձնեմ ձեզ Աստուծոյ ու անոր շնորհքներու խօսքին, որ կարող է շինելու եւ բոլոր սրբուածներուն հետ ձեզի ժառանգութիւն տալու։ Մէկո՛ւն արծաթին կամ ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի։ Դուք ձեզմէ գիտէք թէ ինծի եւ ինծի հետ եղողներուն պէտքերը այս ձեռքերս հոգացին։ Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. ‘Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’»։ Երբ ասիկա ըսաւ, անոնց ամենուն հետ ծունկի վրայ գալով՝ աղօթք ըրաւ։ Ամէնքն ալ սաստիկ կու լային ու Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա կը համբուրէին։ Սրտերնին կը ցաւէր մանաւանդ այն խօսքին համար՝ որ կ’ըսէր թէ՝ ա՛լ պիտի չտեսնեն իր երեսը եւ զանիկա ճամբու դրին, մինչեւ նաւը երթալով ։ Երբ ելանք ու անոնցմէ զատուեցանք, շիտակ նաւելով Կով հասանք ու միւս օրը՝ Հռոդոն ու անկէ՝ Պատարա։ Եւ նաւ մը գտանք, որ Փիւնիկէ կ’երթար։ Անոր մէջ մտնելով՝ ճամբայ ելանք։ Եւ երբ Կիպրոս երեւցաւ, զանիկա ձախ կողմերնիս թողելով՝ դէպի Սուրիա նաւեցինք եւ Տիւրոս հասանք, վասն զի նաւը հոն պիտի թափէր իր բեռը։ Եւ աշակերտներ գտնելով՝ եօթը օր հոն կեցանք, որոնք Սուրբ Հոգիով կ’ըսէին Պօղոսին որ Երուսաղէմ չելլէ։ Երբ այն օրերը անցուցինք, ելանք ու կ’երթայինք. ամէնքն ալ, կիներով ու տղաքներով, մինչեւ քաղաքէն դուրս մեզ ճամբեցուցին։ Ծովուն եզերքը ծունկի գալով աղօթք ըրինք Ու իրարու հրաժարական ողջոյն տալով՝ մենք նաւը ելանք, անոնք ալ տեղերնին դարձան։ Իսկ մենք Տիւրոսէ զատուելով եւ ծովու ճամբորդութիւնը լմնցնելով՝ Պտողէմայիս հասանք ու եղբայրները բարեւելով՝ օր մը անոնց քով կեցանք։ Հետեւեալ օրը անկէ ելանք ու Կեսարիա գացինք եւ Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը մտնելով, որ եօթնէն մէկն էր, անոր քով կեցանք։ Անիկա չորս կոյս աղջիկ ունէր, որոնք մարգարէութիւն կ’ընէին։ Հոն բաւական կեցանք։ Այդ ատենները Հրէաստանէն մարգարէ մը հասաւ՝ Ագաբոս անունով։ Երբ մեզի եկաւ, Պօղոսին գօտին առնելով իր ձեռքերն ու ոտքերը կապեց եւ ըսաւ. «Այսպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին. ‘Այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, այսպէս պիտի կապեն Հրեաները Երուսաղէմի մէջ ու հեթանոսներուն պիտի մատնեն’»։ Երբ ասիկա լսեցինք, աղաչեցինք մենք ալ, տեղացիներն ալ, որ Երուսաղէմ չելլէ։ Իսկ Պօղոս պատասխան տուաւ. «Ի՞նչ կ’ընէք, ինչո՞ւ կու լաք ու իմ սիրտս կը ճմլէք. քանզի ես ո՛չ միայն Երուսաղէմի մէջ կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու ալ պատրաստ եմ Տէր Յիսուսի անուանը համար»։ Երբ ինք մտիկ չըրաւ, լուռ կեցանք ու ըսինք. «Տէրոջը կամքը թող ըլլայ»։ Քանի մը օր յետոյ պատրաստուելով Երուսաղէմ ելանք։ Կեսարացի աշակերտներէն ալ մի քանիներ մեզի հետ էին եւ մեզ տարին նախկին աշակերտի մը՝ Կիպրացի Մնասոնին, որուն քով պիտի կենայինք։ Երբ Երուսաղէմ մտանք, եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ։ Հետեւեալ օրը Պօղոս մեզի հետ Յակոբոսին քով գնաց ու բոլոր երէցներն ալ եկան։ Եւ զանոնք բարեւելով մէկիկ մէկիկ կը պատմէր ինչ որ Աստուած հեթանոսներուն ըրաւ իր ծառայութիւնովը։ Անոնք ալ լսելով՝ փառք տուին Տէրոջը եւ ըսին իրեն. «Կը տեսնե՞ս, ե՛ղբայր, քանի՛ բիւրաւոր հաւատացեալ Հրեաներ կան, որոնք ամէնքն ալ օրէնքին նախանձաւոր են։ Բայց քու վրայովդ իմացան թէ դուն բոլոր հեթանոսներուն մէջ եղած Հրեաներուն Մովսէսէն ապստամբիլ կը սորվեցնես, ըսելով որ տղաքնին չթլփատեն եւ սովորութիւններուն համեմատ չվարուին։ Արդ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ. անշուշտ բազմութիւն մը պիտի հաւաքուի, վասն զի պիտի լսեն թէ եկեր ես։ Ուստի ըրէ ինչ որ քեզի կ’ըսենք։ Մեր քով չորս մարդ կայ, որոնք ուխտ ըրած են. Զանոնք ա՛ռ, իրենց հետ մաքրուէ եւ անոնց համար ծախք ըրէ, որ իրենց գլուխը ածիլեն, որպէս զի ամէնքն ալ գիտնան թէ քու վրայովդ իմացած բաներնին սխալ է, այլ դուն ալ մեզի հետ օրէնքը կը պահես։ Բայց հաւատքը ընդունող հեթանոսներուն համար մենք թուղթով իմացուցինք մեր որոշումը, որ անոնք բնաւ այսպիսի բաներ չպահեն. միայն թէ զգուշանան կուռքերու զոհուածէ ու արիւնէ եւ խեղդուածէ ու պոռնկութենէ»։ Այն ատեն Պօղոս այն մարդիկը առաւ ու հետեւեալ օրը անոնց հետ մաքրուած՝ տաճարը մտաւ, մաքրութեան օրերուն լմննալը ցուցնելու համար, մինչեւ որ իւրաքանչիւրին համար պատարագ մատուցուեցաւ։ Եօթը օրերը լմննալու վրայ էին, երբ Ասիացի Հրեաները զանիկա տաճարին մէջ տեսնելով՝ բոլոր բազմութիւնը գրգռեցին եւ զայն բռնելով՝ կը կանչուըռտէին. «Իսրայէլացի՛ մարդիկ, օգնութեան հասէք։ Աս այն մա՛րդն է՝ որ ամէն տեղ ժողովուրդին եւ օրէնքին ու այս տեղին դէմ բան կը սորվեցնէ ամենուն. նոյնիսկ տաճարին մէջ Յոյներ ալ մտցուց եւ այս սուրբ տեղը պղծեց». (Վասն զի նախապէս Եփեսացի Տրոփիմոսը իրեն հետ քաղաքին մէջ տեսեր էին եւ կը կարծէին թէ Պօղոս զանիկա տաճարը մտցուց.) Ու բոլոր քաղաքը շարժեցաւ եւ ժողովուրդը դիզուեցաւ ու բռնեցին Պօղոսը տաճարէն դուրս քաշեցին եւ շուտ մը դռները գոցուեցան։ Ու երբ անոնք կ’ուզէին զանիկա սպաննել, լուր հասաւ գունդին հազարապետին թէ բոլոր Երուսաղէմը իրար անցեր է։ Ան ալ անմիջապէս զինուորներ եւ հարիւրապետներ առած անոնց վրայ վազեց։ Անոնք ալ հազարապետը եւ զինուորները տեսնելով՝ Պօղոսը ծեծելէ դադարեցան։ Այն ատեն հազարապետը մօտենալով բռնեց զանիկա եւ հրաման ըրաւ որ կրկին շղթայով կապեն ու կը հարցնէր թէ՝ անիկա ո՞վ է ու ի՞նչ ըրեր է։ Բազմութեանը մէջէն մէկը՝ մէկ կերպ ու միւսը ուրիշ կերպ բան կը կանչուըռտէին։ Երբ չկրցաւ այն շփոթութենէն ստոյգը գիտնալ, հրաման ըրաւ որ զանիկա բերդը տանին։ Ու երբ սանդուխը հասաւ, այնպէս պատահեցաւ որ զինուորները վեր վերցնեն զանիկա, ժողովուրդին բռնութեանը համար. Վասն զի ժողովուրդին բազմութիւնը ետեւէն կ’երթար ու կ’ըսէին. «Վերցո՛ւր ատիկա»։ Երբ Պօղոս բերդը մտնելու վրայ էր, հազարապետին ըսաւ. «Արդեօք կարելի՞ է որ քեզի բան մը խօսիմ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յունարէն գիտե՞ս. Չէ՞ որ դուն այն Եգիպտացին ես, որ քիչ ժամանակ առաջ չորս հազար սրիկայ մարդիկ ապստամբեցուցիր, անապատը հանեցիր»։ Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնէն, ո՛չ թէ աննշան քաղաքացի մը ու կ’աղաչեմ քեզի ինծի հրաման տուր որ ժողովուրդին խօսիմ»։ Երբ անիկա հրաման տուաւ, Պօղոս սանդուխին վրայ կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ժողովուրդին ու երբ լման լռութիւն եղաւ Եբրայեցերէն լեզուով խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ եւ հա՛յրեր, ինծի մտի՛կ ըրէք որ հիմա ձեզի պատասխան տամ։ (Երբ լսեցին որ Եբրայական լեզուով կը խօսէր իրենց, ա՛լ աւելի լուռ կեցան) Եւ անիկա ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնի մէջ ծնած եւ այս քաղաքին մէջ Գամաղիէլի ոտքը մեծցած ու մեր հայրենի օրէնքին ճշդութեանը մէջ կրթուած, նախանձաւոր էի Աստուծոյ, ինչպէս այսօր դուք ամէնքդ էք։ Որ այրեր ու կիներ կապելով ու բանտերու մատնելով հալածեցի մինչեւ մահ։ Քահանայապետն ալ կը վկայէ ինծի համար եւ բոլոր ծերակոյտը, որոնցմէ թուղթեր ալ առնելով Դամասկոս կ’երթայի, որպէս զի հոն եղածներն ալ կապուած Երուսաղէմ բերեմ որ պատժուին»։ «Բայց երբ կ’երթայի ու Դամասկոսի մօտեցայ, կէսօրուան դէմ յանկարծակի երկնքէն մեծ լոյս մը փայլատակեց իմ բոլորտիքս Եւ գետինը ինկայ ու ձայն մը լսեցի, որ ինծի կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։ Ես ալ պատասխան տուի թէ՝ «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»։ Ան ալ ինծի ըսաւ. «Ես Յիսուս Նազովրեցին եմ որ դուն կը հալածես»։ Անոնք որ ինծի հետ էին, լոյսը տեսան ու վախով լեցուեցան, սակայն ինծի խօսողին ձայնը չլսեցին։ Ես ըսի. «Ի՞նչ ընեմ, Տէր»։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, գնա՛ Դամասկոս ու հոն քեզի պիտի խօսուի այն ամէն բաներուն վրայ, որ սահմանուած է որ ընես»։ Քանի որ չէի տեսներ այն լոյսին փառաւորութենէն, ինծի հետ եղողները ձեռքէս բռնած՝ Դամասկոս տարին։ Անանիա ա նուն մարդ մը, օրէնքին համեմատ աստուածավախ ու Դամասկոս բնակող բոլոր Հրեաներէն բարի վկայուած, Ինծի եկաւ ու քովս կայնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, վե՛ր նայէ»։ Ես ալ նոյն ժամուն վեր նայեցայ իրեն եւ անիկա ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը առաջուընէ քեզ ընտրեց, որպէս զի իր կամքը ճանչնաս ու այն Արդարը տեսնես եւ անոր բերնէն ձայն լսես։ Քանզի բոլոր մարդոց առջեւ անոր վկայ պիտի ըլլաս այն բաներուն համար, որոնք տեսար ու լսեցիր։ Հիմա, ալ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛ ու մեղքերդ լուա՛յ անոր անունը կանչելով»։ Երբ Երուսաղէմ դարձայ ու տաճարին մէջ աղօթք կ’ընէի, մտքի յափշտակութիւն մը եկաւ վրաս. Եւ զինք տեսայ, որ ինծի կ’ըսէր. «Արտորցի՛ր, շուտով Երուսաղէմէն ելի՛ր, վասն զի քու ինծի համար ըրած վկայութիւնդ պիտի չընդունին»։ Ես ալ ըսի. «Տէ՛ր, իրենք աղէկ գիտեն թէ ես էի որ քեզի հաւատացողները բանտը կը դնէի եւ ժողովարաններուն մէջ կը ծեծէի Ու երբ քու Ստեփանոս վկայիդ արիւնը կը թափուէր՝ ես ինքս ալ ներկայ էի եւ կամակից էի անոր սպաննուելուն՝ ՝ ու զանիկա սպաննողներուն հանդերձները ե՛ս կը պահէի»։ Բայց ինծի ըսաւ. «Գնա՛, վասն զի ես քեզ հեռաւոր հեթանոսներուն պիտի ղրկեմ»։ Հոն եղողները՝ մինչեւ այս խօսքը ականջ դրին իրեն՝ ետքը ձայներնին վերցուցին ու ըսին. «Վերցո՛ւր աշխարհէն այդ մարդը, քանզի չի վայլեր ատոր ողջ մնալ»։ Երբ կը կանչուըռտէին ու հանդերձնին կը նետէին եւ փոշին դէպի օդը կը ցանէին, Հազարապետը հրաման ըրաւ, որ զանիկա բերդը մտցնեն ու ըսաւ որ ծեծով հարցուփորձ ընեն, որպէս զի գիտնայ թէ ի՞նչ յանցանքի համար անոր դէմ այնպէս կը կանչուըռտէին։ Երբ կաշի կապերով զինք կապեցին, Պօղոս վերակացու հարիւրապետին ըսաւ. «Օրինաւո՞ր է Հռովմայեցի ու չդատապարտուած մարդ մը ծեծելը»։ Հարիւրապետը, երբ ասիկա լսեց, գնաց հազարապետին պատմեց ու ըսաւ. « Ի՞նչ պիտի ընես, վասն զի այս մարդը Հռովմայեցի է»։ Հազարապետն ալ քովը գնաց ու ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, դուն Հռովմայեցի՞ ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Այո՛»։ Հազարապետը պատասխան տուաւ. «Ես շատ ստակով ձեռք բերի այս քաղաքացիութեան իրաւունքը»։ Պօղոս ըսաւ. «Ես բուն ատոր մէջ ծնած եմ»։ Անոնք որ զինք պիտի հարցուփորձէին, շուտ մը հեռացան իրմէ եւ հազարապետն ալ վախցաւ, երբ իմացաւ թէ Հռովմայեցի է, որովհետեւ զանիկա կապեր էր։ Հետեւեալ օրը, ուզելով որ շիտակը գիտնայ, թէ ի՞նչ է Հրեաներուն ըրած ամբաստանութիւնը անոր դէմ, արձակեց զանիկա եւ հրաման ըրաւ որ քահանայապետներն ու բոլոր ժողովը մէկտեղ գան եւ Պօղոսը բերելով՝ անոնց առջեւ կայնեցուց։ Պօղոս իր աչքերը ժողովին վրայ դարձնելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես բոլորովին բարի խղճմտանքով կեանք վարեր եմ Աստուծոյ առջեւ մինչեւ այսօր»։ Անանիա քահանայապետն ալ հրաման ըրաւ իր քով կայնողներուն, որ անոր բերնին զարնեն։ Այն ատեն Պօղոս ըսաւ անոր. «Աստուած քեզի պիտի զարնէ, ծեփա՛ծ պատ։ Դուն նստեր ես օրէնքին համեմատ զիս դատելու եւ օրէնքէն դուրս հրամա՞ն կ’ընես, որ ինծի զարնեն»։ Բոլորտիքը կայնողները ըսին. «Աստուծոյ քահանայապե՞տը կը նախատես»։ Պօղոս ալ ըսաւ. «Եղբա՛յրներ, չէի գիտեր թէ քահանայապետ է», վասն զի գրուած է. «Քու ժողովուրդիդ իշխանին դէմ չարախօսութիւն մի՛ ըներ»։ Պօղոս գիտնալով որ մէկ կողմը Սադուկեցիներ են ու միւսը՝ Փարիսեցիներ, կ’աղաղակէր ժողովին մէջ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես Փարիսեցի եմ, Փարիսեցիի որդի. մեռելոց յարութեանը յոյսին համար կը դատուիմ»։ Երբ ասիկա ըսաւ, Փարիսեցիներուն ու Սադուկեցիներուն մէջ երկպառակութիւն ինկաւ եւ բազմութիւնը բաժնուեցաւ Քանզի Սադուկեցիները կ’ըսեն թէ՝ յարութիւն չկայ եւ ո՛չ հրեշտակ, ո՛չ ալ հոգի. բայց Փարիսեցիները երկուքն ալ կը դաւանին։ Մեծ աղաղակ մը եղաւ ու Փարիսեցիներուն կողմէն եղող դպիրները ոտքի վրայ ելլելով՝ դէմ կեցան ու կ’ըսէին. «Մենք այս մարդուն վրայ չարութիւն մը չենք գտներ. հապա եթէ հոգի մը կամ հրեշտակ մը ատոր խօսած է, ի՞նչ ընենք»։ Երբ աղմուկը շատցաւ, հազարապետը՝ վախնալով որ չըլլայ թէ Պօղոս անոնցմէ պատառուի՝ զինուորներուն հրաման ըրաւ որ իջնեն եւ զանիկա անոնց մէջէն յափշտակեն ու բերդը տանին։ Հետեւեալ գիշերը Տէրը անոր քով կայնեցաւ ու ըսաւ. «Քաջասի՛րտ եղիր, Պօ՛ղոս, վասն զի ինչպէս Երուսաղէմի մէջ ինծի համար վկայեցիր, այնպէս պէտք է Հռովմի մէջ ալ վկայես»։ Առտուն, Հրեաներէն ոմանք միաբանեցան ու ինքզինքնին անէծքի տակ դրին՝ ըսելով որ չուտեն ու չխմեն մինչեւ որ Պօղոսը սպաննեն։ Քառասունէ աւելի էին անոնք՝ որ այս երդումը իրարու հետ ըրին, Որոնք քահանայապետներուն ու ծերերուն գացին ու ըսին. «Անէծքով անիծեցինք անձերնիս, որ բան մը չուտենք մինչեւ որ Պօղոսը սպաննենք։ Ուստի դուք ժողովին հետ մէկտեղ հազարապետին իմացուցէք, որ վաղը զանիկա ձեզի իջեցնէ, որպէս թէ դուք աւելի ճիշդ քննութիւն ընել կ’ուզէք անոր մասին եւ մենք անոր մօտ գալէն առաջ պատրաստ ենք զանիկա սպաննելու»։ Բայց Պօղոսին քրոջ որդին, երբ այս դաւաճանութիւնը լսեց, գնաց բերդը մտաւ ու Պօղոսին պատմեց։ Պօղոս ալ հարիւրապետներէն մէկը իրեն կանչելով՝ ըսաւ. «Այս պատանին հազարապետին տար, վասն զի անոր իմացնելիք բան մը ունի»։ Ան ալ առաւ զանիկա եւ տարաւ հազարապետին ու ըսաւ. «Բանտարկեալ Պօղոսը զիս կանչեց եւ աղաչեց որ այս պատանին քեզի բերեմ, քանզի քեզի խօսելիք ունի»։ Հազարապետը անոր ձեռքէն բռնելով՝ մէկդի գնաց ու հարցուց. «Ի՞նչ ունիս ինծի իմացնելիք»։ Անիկա ըսաւ. «Հրեաները միաբանեցան քեզի աղաչելու որ վաղը Պօղոսը ատեանը իջեցնես, որպէս թէ կ’ուզեն աւելի ճիշդ քննութիւն մը ընել անոր մասին։ Բայց դուն անոնց մտիկ մի՛ ըներ, վասն զի անոնցմէ քառասունէ աւելի մարդիկ դարանամուտ եղած են անոր համար, որոնք ինքզինքնին անէծքի տակ դրին, որ չուտեն ու չխմեն, մինչեւ զանիկա սպաննեն ու հիմա պատրաստ են եւ քու հրամանիդ կը սպասեն»։ Այն ատեն հազարապետը պատանին ճամբեց եւ պատուիրեց. «Մարդու մի՛ ըսեր, որ այս բանը ինծի իմացուցիր»։ Հարիւրապետներէն երկուքը կանչեց ու ըսաւ. «Երկու հարիւր զինուոր պատրաստեցէք ու եօթանասուն ձիաւոր եւ երկու հարիւր գեղարդաւոր, որպէս զի մինչեւ Կեսարիա երթան գիշերուան ժամը երեքին Եւ գրաստներ պատրաստեցէք, որպէս զի Պօղոսը հեծցնեն ու ապահովութեամբ Փելիքս կուսակալին տանին»։ Թուղթ մը գրեց այս օրինակին պէս. «Կղօդիոս Լիւսիաս, պատուական Փելիքս կուսակալիդ՝ ողջոյն։ Այս մարդը Հրեաներէն բռնուեր էր եւ անոնցմէ պիտի սպաննուէր, իսկ ես զինուորներով վրայ հասայ եւ ազատեցի զանիկա, իմանալով որ Հռովմայեցի է։ Եւ ուզելով պատճառը գիտնալ, որու համար ատոր վրայ ամբաստանութիւն կ’ընէին, զինք տարի անոնց ատեանը։ Գտայ թէ ամբաստանուած է իրենց օրէնքին վերաբերեալ խնդիրներու համար, բայց մեռնելու կամ պատժուելու յանցանք մը չունէր։ Երբ լուր առի թէ Հրեաները այդ մարդուն համար որոգայթ լարած են, իսկոյն քեզի ղրկեցի, հրաման ընելով ամբաստանողներուն ալ՝ որ քու առջեւդ խօսին անոր մասին։ Ո՛ղջ եղիր»։ Զինուորներն ալ իրենց հրամայուածին համեմատ առին Պօղոսը ու գիշերով Անտիպատրոս տարին։ Եւ հետեւեալ օրը թողուցին ձիւորները անոր հետ երթալու ու իրենք բերդը դարձան։ Անոնք ալ Կեսարիա տարին ու թուղթը կուսակալին տուին եւ Պօղոսը անոր առջեւ կայնեցուցին։ Երբ կարդաց, հարցուց թէ ո՞ր գաւառէն է եւ իմանալով որ Կիլիկիայէն է, Ըսաւ. «Պիտի լսեմ քեզի՝ երբ քեզ ամբաստանողներն ալ գան» եւ հրաման ըրաւ, որ զանիկա Հերովդէսին պալատին մէջ պահեն։ Հինգ օր ետքը Անանիա քահանայապետը ծերերուն ու Տերտիւղոս անուն ճարտասանի մը հետ իջաւ։ Ասոնք կուսակալին իմացուցին իրենց ամբաստանութիւնը Պօղոսին դէմ։ Երբ կանչեցին զանիկա, Տերտիւղոս սկսաւ ամբաստանել ու ըսել. «Որովհետեւ քու ձեռքովդ լման խաղաղութիւն ու քու խնամքովդ այս ազգին գործերուն մէջ աղէկ կարգադրութիւն կը վայելենք, Ամէն կերպով ու ամէն տեղ բոլորովին գոհ ըլլալով, շնորհակալ ենք, ո՛վ պատուական Փելիքս։ Բայց չըլլայ որ ա՛լ աւելի ձանձրութիւն տամ քեզի, կ’աղաչեմ քու քաղցրութիւնովդ մեզի ականջ դիր, որ համառօտաբար պիտի խօսինք ։ Վասն զի մենք այս մարդը գտանք ապականիչ եւ խռովարար բոլոր Հրեաներուն, որոնք աշխարհի մէջ են եւ Նազովրեցիներու աղանդին առաջնորդ. Որ տաճարն ալ ուզեց պղծել. որ բռնեցինք ու մեր օրէնքին համեմատ ուզեցինք դատաստանը ընել. Բայց Լիւսիաս հազարապետը եկաւ բռնութեամբ մեր ձեռքէն առաւ Եւ հրաման ըրաւ որ անոր դատախազները քեզի գան, որ դուն քննելով՝ կարենաս տեղեկանալ այն ամէն բաներուն, որոնց համար մենք ամբաստանութիւն կ’ընենք ատոր վրայ»։ Հրեաներն ալ բոլորը միասին՝ ըսին. «Այդպէ՛ս է»։ Պատասխան տուաւ Պօղոս, (երբ կուսակալը անոր աչք ըրաւ որ խօսի,). «Գիտնալով որ շատ տարիներէ ի վեր դուն այս ազգին դատաւորն ես, աւելի յօժարութեամբ ինծի վերաբերեալ բաներուն համար պատասխան պիտի տամ. Որովհետեւ կրնաս գիտնալ թէ ես տասներկու օրէ աւելի չէ՝ որ Երուսաղէմ եկայ երկրպագութիւն ընելու։ Զիս տաճարին մէջ մէկուն հետ վիճաբանութիւն ընելու վրայ, կամ բազմութիւնը մէկտեղ ժողված չգտան, ո՛չ ալ ժողովարաններուն մէջ, Ո՛չ քաղաքին մէջ. ո՛չ ալ կրնան ապացուցանել այն բաները, որոնց համար հիմա ամբաստանութիւն կ’ընեն ինծի դէմ։ Բայց ասիկա կը խոստովանիմ քեզի՝ թէ այն ճամբուն համեմատ որ ասոնք հերձուած կ’ընդունին, ես այնպէս կը պաշտեմ իմ հայրենի Աստուածս, հաւատալով այն ամէն բաներուն, որոնք օրէնքին եւ մարգարէներուն մէջ գրուած են։ Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն։ Եւ ես այս բանին համար կը ջանամ, որ ամէն ատեն մաքուր խղճմտանք ունենամ Աստուծոյ առջեւ ու մարդոց առջեւ։ Արդ՝ ես շատ տարիներէ յետոյ եկայ իմ ազգիս ողորմութիւններ բերելու ու ընծաներ տալու. Այսպէս քանի մը Ասիացի Հրեաներ զիս տաճարին մէջ մաքրուած գտան, ո՛չ բազմութիւնով եւ ո՛չ ամբոխով, Որոնք պէտք էր որ առջեւդ գային ու ամբաստանութիւն ընէին, եթէ իմ վրայովս ըսելու բան մը ունէին։ Կամ թէ ասոնք իրենք թող ըսեն, ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս, երբ ատեանը կայներ էի։ Միայն թէ այս մէկ խօսքիս համար, որ երբ իրենց մէջ կայներ էի, կանչեցի. «Մեռելներու յարութեանը համար ես այսօր ձեզմէ կը դատուիմ»։ Փելիքս ուրիշ անգամուան թողուց հարցը, վասն զի ստոյգ տեղեկութիւն ունէր անոր մասին ու ըսաւ. «Երբ Լիւսիաս հազարապետը հոս գայ, պիտի քննեմ ձեր գործը»։ Եւ հարիւրապետին հրաման ըրաւ որ Պօղոսը պահէ, բայց լայն ազատութիւն տայ ու չարգիլէ եթէ իրեններէն մէկը ուզէ անոր սպասաւորութիւն ընել կամ անոր քով երթալ։ Քանի մը օր յետոյ Փելիքս եկաւ իր Դրուսիղա կնոջ հետ, որ Հրեայ էր ու Պօղոսը կանչել տուաւ եւ լսեց անկէ այն հաւատքին մասին որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ է։ Երբ անիկա արդարութեան ու ժուժկալութեան եւ գալու դատաստանին վրայով կը խօսէր, Փելիքս զարհուրելով պատասխան տուաւ. «Դուն հիմա գնա ու երբ ժամանակ ունենամ, քեզ նորէն կը կանչեմ»։ Նաեւ յոյս ունէր, որ Պօղոսին կողմէն իրեն ստակ տրուի, անոր համար շատ անգամ կանչել կու տար զանիկա ու անոր հետ կը խօսակցէր։ Բայց երբ երկու տարի անցաւ, Փելիքսի տեղ Պորկիոս Փեստոս եկաւ։ Փելիքս ալ Հրեաներուն շնորհք ընել ուզելով՝ Պօղոսը կապուած թողուց։ Երբ Փեստոս իր իշխանութեան գաւառը հասաւ, երեք օր յետոյ Կեսարիայէն Երուսաղէմ ելաւ։ Քահանայապետն ու Հրէից գլխաւորները անոր իմացուցին իրենց ամբաստանութիւնը Պօղոսին դէմ Եւ կ’աղաչէին իրեն եւ շնորհք կը խնդրէին, որպէս զի զանիկա Երուսաղէմ բերել տայ։ Բայց իրենք դարան կը պատրաստէին ճամբուն մէջ զանիկա սպաննելու։ Սակայն Փեստոս հրահանգեց, որ Պօղոս Կեսարիա պահուի եւ ինք շատ չանցած հոն պիտի երթայ։ «Ուստի ձեզմէ որոնք որ կարող են, ըսաւ, ինծի հետ թող իջնեն, եթէ այն մարդուն վրայ յանցանք մը կայ, թող անոր դէմ ամբաստանութիւն ընեն»։ Հոն ութ կամ տասը օրէ աւելի չկենալով՝ ՝, Կեսարիա իջաւ ու հետեւեալ օրը ատեանը նստելով՝ հրաման ըրաւ որ Պօղոսը բերեն։ Երբ անիկա եկաւ, Երուսաղէմէն Հրեաները անոր բոլորտիքը կայնելով, շատ ծանր ամբաստանութիւններ կ’ընէին Պօղոսին դէմ, բայց չէին կրնար ապացուցանել. Վասն զի Պօղոս կը պնդէր թէ՝ «Ես ո՛չ Հրեաներուն օրէնքին, ո՛չ տաճարին, ո՛չ ալ Կայսրին դէմ յանցանք մը գործած եմ»։ Բայց Փեստոս ուզելով որ Հրեաներուն շնորհք ընէ, Պօղոսին ըսաւ. «Կ’ուզե՞ս Երուսաղէմ ելլել եւ հոն դատուիլ»։ Պօղոս ալ ըսաւ. «Կայսրին ատեանը կայներ եմ, ուր պէտք է դատուիմ։ Ես Հրեաներուն անիրաւութիւն մը ըրած չեմ, ինչպէս դուն ալ աղէկ գիտես։ Քանզի եթէ անիրաւութիւն մը եւ մահուան արժանի բան մը ըրած եմ, ես մեռնելէ չեմ քաշուիր. բայց եթէ չկայ իմ վրաս այն բաներէն մէկն ալ՝ որոնց համար ասոնք ինծի դէմ ամբաստանութիւն կ’ընեն, մէ՛կը չի կրնար զիս ատոնց շնորհել, Կայսրին կը բողոքեմ»։ Այն ատեն Փեստոս խորհրդականներուն հետ խօսելով՝ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քանի որ Կայսրին բողոքեցիր, Կայսրին պիտի երթաս»։ Քանի մը օր անցնելէն յետոյ, Ագրիպպաս թագաւորը եւ Բերինիկէն Կեսարիա եկան Փեստոսը ողջունելու։ Շատ օրեր հոն անցուցին։ Փեստոս Պօղոսին համար թագաւորին իմացուց ու ըսաւ. « Հոս մարդ մը կայ որ Փելիքս բանտարկուած թողուցեր է, Որուն վրայով, երբ Երուսաղէմ գացի, քահանայապետներն ու Հրեաներուն ծերերը իմացուցին ինծի եւ խնդրեցին, որ անոր դէմ դատապարտութեան վճիռ տրուի, Որոնց պատասխան տուի թէ՝ Հռովմայեցիներու սովորութիւնը չէ մարդ մը կորստեան մատնել, մինչեւ ամբաստանուածն ու ամբաստանողները առջեւը չունենայ եւ ամբաստանեալին պատասխան տալու պատեհութիւն չտրուի։ Ուստի երբ անոնք ինծի հետ հոս եկան, ամենեւին չուշացուցի, հապա հետեւեալ օրը ատեանը նստելով՝ հրաման ըրի որ մարդը բերեն։ Անոր դատախազներն ալ ներկայանալով, իմ կասկած ըրած յանցանքներէս մէ՛կն ալ յառաջ չբերին. Հապա մէկ քանի խնդիրներ ունէին անոր հետ իրենց կրօնքին վրայ եւ Յիսուս անունով մեռածի մը վրայ, որուն համար Պօղոս կ’ըսէր թէ կենդանի է։ Եւ երբ տարակուսանքի մէջ էի այս բանին քննութեան վրայով, հարցուցի. ‘Կուզե՞ս Երուսաղէմ երթալ եւ հոն այս բաներուն համար դատուիլ’։ Բայց Պօղոս երբ բողոքեց ու պահանջեց որ Վեհափառ Կայսրին դէմ ելլէ, հրաման ըրի որ զինք պահեն՝ մինչեւ Կայսրին ղրկեմ»։ Ագրիպպաս ըսաւ Փեստոսին. «Ես ալ կ’ուզէի այդ մարդը մտիկ ընել»։ Ան ալ ըսաւ. «Վաղը մտիկ կ’ընես»։ Հետեւեալ օրը երբ Ագրիպպաս ու Բերինիկէ մեծ հանդէսով եկան ու ատեանը մտան հազարապետներով եւ քաղաքին պատուաւոր մարդոց հետ, Փեստոս ալ հրաման ընելով՝ բերին Պօղոսը։ Այն ատեն Փեստոս ըսաւ. «Ագրիպպա՛ս արքայ եւ դուք որ մեզի հետ էք, ասիկա կը տեսնէք. ասոր վրայով Հրեաներուն բոլոր բազմութիւնը ինծի ներկայացան Երուսաղէմի մէջ եւ հոս ալ ու կ’աղաղակէին թէ՝ ‘Պէտք չէ որ ա՛լ ատիկա ողջ մնայ’։ Բայց ես քննեցի եւ հասկցայ թէ անիկա մեռնելու արժանի բան մը ըրած չէ, ինքն ալ Վեհափառ Կայսրին բողոքեց, որոշեցի որ ղրկեմ զանիկա։ Անոր հա մար հաստատ բան մը չունիմ գրելու իմ տիրոջս. ուստի ատիկա ձեր առջեւ բերի եւ մանաւանդ քու առջեւդ, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, որպէս զի քննութիւն ընելէ յետոյ գրելիք մը ունենամ. Վասն զի ինծի անվայել կ’երեւնայ որ բանտարկեալ մը ղրկեմ եւ անոր վրայ դրուած յանցանքները չիմացնեմ»։ Եւ Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Հրաման է քեզի որ դուն քեզի համար խօսիս»։ Այն ատեն Պօղոս ձեռքը երկնցնելով՝ իրեն համար պատասխան տուաւ. «Հրեաներուն իմ վրաս ըրած բոլոր ամբաստանութիւններուն համար, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, ես զիս երանելի կը սեպեմ, որ այսօր քու առջեւդ պատասխան պիտի տամ. Մանաւանդ որ դուն Հրեաներուն բոլոր սովորութիւնները եւ խնդիրները աղէկ գիտես, անոր համար կ’աղաչեմ որ երկայնամտութեամբ ինծի մտիկ ընես։ Արդ՝ իմ մանկութենէս ի վեր իմ ի՛նչպէս ապրիլս, սկիզբէն Երուսաղէմ իմ ազգիս մէջ ըլլալով, բոլոր Հրեաները տեղեակ են։ Քանզի շատ կանուխէն զիս կը ճանչնան, (եթէ ուզեն վկայել,) թէ մեր կրօնքին ամենէն խիստ օրէնքին համաձայն՝ Փարիսեցի ապրեր եմ. Եւ հիմա ատեանը կեցեր կը դատուիմ Աստուծմէ մեր հայրերուն եղած խոստումին յոյսին համար. Որուն՝ մեր տասներկու ցեղը անդադար գիշեր ու ցորեկ պաշտելով՝ կը յուսան հասնիլ. ես այդ յոյսին համար Հրեաներէն կ’ամբաստանուիմ, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ։ Ի՞նչ. չհաւատալո՞ւ բան կ’երեւնայ ձեզի թէ Աստուած մեռելները կը յարուցանէ։ Ես ինքս ալ ինծի պարտք կը սեպէի Յիսուս Նազովրեցիի անուան դէմ շատ բաներ ընել. Եւ ըրի ալ Երուսաղէմի մէջ եւ քահանայապետներէն իշխանութիւն առած՝ սուրբերէն շատերը բանտարկեցի ու անոնց սպաննուած ատենը հաւանութիւն տուի։ Եւ բոլոր ժողովարաններուն մէջ շատ անգամ զանոնք պատժելով՝ կը բռնադատէի որ հայհոյեն եւ անոնց դէմ սաստիկ կատղած՝ մինչեւ օտար քաղաքները կը հալածէի»։ «Այսպէս երբ Դամասկոս ալ կ’երթայի, քահանայապետներէն իշխանութիւն ու հրաման առած, Կէսօրուան ատենը ճամբուն վրայ, ո՛վ արքայ, երկնքէն լոյս մը տեսայ արեւին լուսաւորութենէն աւելի՝ բոլորտիքս ծագած, նաեւ անոնց բոլորտիքը որոնք ինծի հետ կ’երթային։ Ու երբ մենք ամէնքս գետինը ինկանք, ձայն մը լսեցի, որ Եբրայական լեզուով ինծի կ’ըսէր. ‘Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես. դժուար բան է քեզի՝ խթանի դէմ կից զարնել’։ Ես ալ ըսի. ‘Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր’։ Անիկա ըսաւ. ‘Ես եմ Յիսուսը, որ դուն կը հալածես. Բայց ելի՛ր ու ոտքի՛ կայնէ. վասն զի անոր համար քեզի երեւցայ, որ քեզ ձեռք առնեմ պաշտօնեայ եւ վկայ ընելու այն բաներուն՝ որոնք տեսար ու այն բաներուն որոնցմով պիտի երեւնամ քեզի, Քեզ ազատելով այդ ժողովուրդէն ու հեթանոսներէն, որոնց հիմա քեզ կը ղրկեմ, Անոնց աչքերը բանալու, խաւարէն լոյսի ու Սատանային իշխանութենէն Աստուծոյ դարձնելու, որպէս զի անոնք մեղքերու թողութիւն գտնեն եւ սուրբերուն հետ մասնակից ըլլան ինծի հաւատալով’»։ «Ուստի, Ագրիպպա՛ս արքայ, այն երկնային տեսիլքին անհնազանդ չեղայ ես. Հապա առաջ Դամասկոս ու Երուսաղէմ եղողներուն եւ բոլոր Հրէաստանի երկիրը ու հեթանոսներուն քարոզեցի, որ ապաշխարեն ու Աստուծոյ դառնան եւ ապաշխարութեան արժանաւոր գործեր գործեն։ Այս պատճառաւ Հրեաները զիս տաճարին մէջ բռնեցին եւ կը ջանային սպաննել։ Սակայն Աստուծմէ օգնութիւն հասնելով մինչեւ օրս ողջ մնացի՝ պզտիկի ու մեծի վկայութիւն տալով, բան մը չպատմելով այն բաներէն դուրս, որոնք մարգարէները եւ Մովսէս ըսին թէ պիտի ըլլան. ‘Թէ՝ Քրիստոս պիտի չարչարուի եւ թէ՝ անիկա ամենէն առաջ մեռելներէն յարութիւն առած՝ լոյս պիտի քարոզէ ժողովուրդին եւ հեթանոսներուն’»։ Քանի որ անիկա այսպէս պատասխան կու տար իրեն համար, Փեստոս բարձր ձայնով մը ըսաւ. «Կը խելագարի՛ս, Պօ՛ղոս, շատ կարդացած ըլլալդ քեզ կը յիմարացնէ»։ Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես չեմ խելագարիր, ո՛վ պատուական Փեստոս, հապա ճշմարտութեան եւ զգաստութեան խօսքեր կը խօսիմ։ Քանզի այս բաները թագաւորը գիտէ, որուն համար ես ալ համարձակ կը խօսիմ. քանզի չեմ կարծեր թէ ասոնցմէ բան մը անկէ ծածկուած է, վասն զի այս բանը անկիւնի մը մէջ եղած չէ։ Մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպպա՛ս արքայ։ Գիտե՛մ թէ կը հաւատաս»։ Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. «Քիչ մնաց որ զիս համոզես Քրիստոնեայ ըլլալու»։ Պօղոս ալ ըսաւ. «Աստուծմէ կը խնդրէի, որ թէ՛ քիչով եւ թէ՛ շատով, ո՛չ միայն դուն, հապա ամէնքն ալ, որոնք այսօր ինծի կը լսեն, այնպէս ըլլան՝ ինչպէս ես եմ, այս կապերէն զատ»։ Ոտքի ելան թագաւորն ու կուսակալը եւ Բերինիկէն ու անոնք որ իրենց հետ նստեր էին։ Ու դուրս ելլելէ յետոյ, իրարու հետ խօսեցան ու ըսին. «Այս մարդը մեռնելու կամ կապուելու արժանի բան մը չըներ»։ Ագրիպպաս ալ Փեստոսին ըսաւ. «Կարելի էր այս մարդը արձակել, եթէ Կայսրին բողոքած չըլլար»։ Երբ որոշուեցաւ որ նաւով Իտալիա երթանք, Պօղոսը եւ ուրիշ քանի մը կապուածներ յանձնեցին հարիւրապետի մը, որուն անունը Յուլիոս էր, Սեբաստեան գունդէն։ Ադրամինտական նաւ մը մտնելով՝ ճամբայ ելանք։ Ասիոյ կողմէն կը նաւարկէինք. Թեսաղոնիկէէ եղող Արիստարքոս Մակեդոնացին ալ մեզի հետ էր։ Հետեւեալ օրը Սիդոն հասանք։ Յուլիոս մարդասիրութիւն ցուցնելով Պօղոսին՝ հրաման տուաւ որ բարեկամներուն երթայ ու դարմանուի։ Անկէ ելլելով՝ Կիպրոսի վարի կողմէն նաւարկեցինք՝ հովին դէմ ըլլալուն համար։ Ետքը Կիլիկիոյ ու Պամփիւլիոյ ծովուն մէջէն նաւարկելով՝ Լիկիայի Միռա քաղաքը հասանք։ Հարիւրապետը հոն Աղեքսանդրիական նաւ մը գտնելով, որ Իտալիա կ’երթար, մեզ անոր մէջ մտցուց։ Շատ օրեր կամաց կամաց նաւելով՝ հազիւ թէ Կնիդոսի քովերը հասանք, հովը մեզի դէմ ըլլալով՝ Կրետէի վարի կողմէն Սաղմոնայի քովէն նաւեցինք Եւ դժուարաւ անկէ անցնելով՝ տեղ մը եկանք, որ Գեղեցիկ նաւահանգիստ կը կոչուէր, որուն մօտ էր Ղասիա քաղաքը։ Շատ ժամանակ անցաւ եւ նաւին ճամբայ ելլելն ալ վտանգաւոր էր, ծոմին ատենն ալ արդէն անցած ըլլալով, Պօղոս խրատ կու տար Եւ կ’ըսէր անոնց. «Մարդի՛կ, ես կը տեսնեմ թէ այս նաւին ճամբայ ընելը տառապանքով ու շատ վնասով պիտի ըլլայ ո՛չ միայն բեռան ու նաւին՝ հապա մեր անձերուն ալ»։ Բայց հարիւրապետը աւելի նաւապետին եւ նաւավարին մտիկ կ’ընէր՝ քան թէ Պօղոսին խօսքերուն։ Որովհետեւ այն նաւահանգիստը յարմար չէր ձմեռը հոն անցընելու, շատերը խորհեցան անկէ երթալ, որ թերեւս կարող ըլլան Փիւնիկէ հասնիլ ու ձմեռը հոն կենալ, որ Կրետէի նաւահանգիստ մըն է ու դէպի հարաւ եւ արեւմտեան հիւսիս կը նայի։ Երբ հարաւային մեղմ հով մը փչեց, կարծելով թէ իրենց դիտաւորութեանը հասեր են, ճամբայ ելանք ու Կրետէի քովերէն անցանք։ Շատ ատեն չանցած՝ մրրկալից հով մը ելաւ մեր դէմ, որ Եւրակիկլոն կը կոչուի։ Նաւը յափշտակուեցաւ եւ հովին դէմ չկրցաւ դիմանալ։ Թող տուած՝ կ’երթայինք ու կու գայինք. Դէպի փոքր կղզիի մը ետեւի կողմը դիմելով, որ Կղօդա կը կոչուէր, հազիւ կրցանք մակոյկը բռնել. Որը վեր առին ու միջոցներ գործածելով՝ նաւը տակէն կապեցին եւ վախնալով որ չըլլայ թէ յորձանուտը իյնան, առագաստը իջեցուցած՝ կ’երթային ու կու գային։ Քանի որ սաստիկ ալեկոծութեան մէջ էինք, յաջորդ օրը բեռները դուրս նետեցին։ Երրորդ օրը նաւին գործիքները մեր ձեռքերով դուրս նետեցինք։ Շատ օրեր ո՛չ արեւ, ո՛չ ալ աստղեր կ’երեւնային եւ փոթորիկը քիչ չէր մեր վրայ։ Ա՛լ բոլորովին մեր ազատուելու յոյսը կտրուեցաւ։ Որովհետեւ շատ օրերէ ի վեր անօթի էին, Պօղոս անոնց մէջ կայնելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ մարդիկ, պէտք էր որ ինծի մտիկ ընէիք ու Կրետէէն չելլէիք եւ այս տառապանքն ու վնասը չքաշէիք։ Հիմա ալ ձեզ կը յորդորեմ, որ սիրտ առնէք, քանզի ձեզմէ մէկո՛ւն անձին վնաս մը պիտի չըլլայ, միայն նաւին, Վասն զի այս գիշեր երեւցաւ ինծի հրեշտակը այն Աստուծոյն, որունն եմ ես եւ որ կը պաշտեմ Եւ ըսաւ. ‘Մի վախնար, Պօղոս, Կայսրին դիմաց պէտք է որ ելլես դուն. ուստի Աստուած քեզի շնորհեց զանոնք, որոնք քեզի հետ նաւին մէջ են’։ Ուստի, մա՛րդիկ, սի՛րտ առէք, վասն զի ես կը հաւատամ Աստուծոյ՝ որ այսպէս պիտի ըլլայ, ինչպէս ինծի ըսուեցաւ։ Միայն թէ՝ պէտք է որ կղզի մը իյնանք»։ Տասնըչորրորդ գիշերն էր, որ Ադրիական ծովուն մէջ կը տարուբերէինք, կէսգիշերին նաւավարները կը կարծէին թէ երկրի մը մօտեցեր են։ Գնդակը ձգելով՝ քսան գրկաչափ գտան։ Քիչ մըն ալ յառաջ երթալով՝ նորէն ձգեցին եւ տասնըհինգ գրկաչափ գտան։ Ու վախնալով որ չըլլայ թէ քարոտ տեղեր իյնան, ետեւի կողմէն չորս խարիսխ ձգեցին եւ անձկութեամբ լուսնալուն կը սպասէինք։ Իսկ նաւավարները նաւէն փախչիլ ուզելով՝ մակոյկը ծովը իջեցուցին, ձեւացնելով թէ առջեւի կողմէն ալ խարիսխներ պիտի ձգեն։ Բայց Պօղոս ըսաւ հարիւրապետին ու զինուորներուն. «Եթէ ատոնք նաւին մէջ չկենան՝ դուք չէք կրնար ազատիլ»։ Այն ատեն զինուորները մակոյկին չուանները կտրեցին եւ թողուցին որ հեռանայ։ Առտուն՝ Պօղոս կ’աղաչէր ամենուն որ կերակուր ուտեն, ըսելով. «Այսօր տասնըչորս օր է, որ դուք սպասելով անօթի մնացեր էք ու բան մը կերած չէք, Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի որ կերակուր ուտէք, վասն զի այս ալ ձեր ազատութեանը համար է. քանզի ձեզմէ մէկո՛ւն գլխէն մազ մը պիտի չկորսուի»։ Այսպէս ըսելով՝ հաց առաւ ու ամենուն առջեւ Աստուծմէ գոհացաւ եւ կտրելով սկսաւ ուտել։ Ամէնքն ալ սիրտ առին ու իրենք ալ կերակուր կերան։ Նաւին մէջ երկու հարիւր եօթանասունըվեց հոգի էինք։ Երբ կշտացան կերակուրով, նաւը թեթեւցուցին՝ ցորենը ծովը թափելով։ Առտուն, ցամաքը չէին ճանչնար, միայն ծոց մը կը նշմարէին որ ծովեզերք ունէր ու կը խորհէին հնարք մը գտնել, որ կարելի ըլլայ նաւը անոր մէջ մխել։ Խարիսխները կտրելով՝ ծովը ձգեցին ու ղեկերուն կապերը թուլցուցին եւ առագաստը հովին բանալով՝ դէպի այն ծովեզերքը գացին Եւ այնպիսի տեղ մը ինկան, որուն երկու կողմը ծով էր։ Նաւը նստեցուցին։ Նաւին առջեւի կողմը խրեցաւ եւ անշարժ մնաց։ Ետեւի կողմը ալիքներուն սաստկութնէն կը քակուէր։ Զինուորներն ալ խորհուրդ ըրին որ կապուածները սպաննեն, որ չըլլայ թէ մէկը լողայ ու փախչի։ Բայց հարիւրապետը, որ Պօղոսը ազատել կ’ուզէր, արգիլեց անոնց այն խորհուրդը եւ հրաման տուաւ որ լողալ գիտցողները առաջ նետուին ու ցամաք ելլեն. Եւ մնացածները, ոմանք տախտակներով եւ ոմանք ուրիշ բաներով եւ այսպէս՝ ամէնքը ազատեցան, ցամաք ելան։ Երբ ազատեցան, հասկցան թէ այն կղզիին անունը Մելիտէ էր։ Եւ բնիկները քիչ մարդասիրութիւն չցուցուցին մեզի. Վասն զի կրակ վառեցին եւ մեզ ամէնքս ալ ընդունեցին՝ մեր վրայ հասած անձրեւին ու ցուրտին համար։ Երբ Պօղոս շատ մը խռիւ ժողվեց եւ կրակին վրայ դրաւ, տաքութենէն իժ մը ելաւ, անոր ձեռքը բռնեց։ Բնիկներն ալ, երբ այն գազանը տեսան անոր ձեռքէն կախուած՝ իրարու ըսին. «Անշուշտ ասիկա մարդասպան մըն է, որ թէպէտ ծովէն ազատեցաւ, բայց արդարութիւնը թող չտուաւ որ ապրի»։ Իսկ անիկա գազանը կրակին մէջ թօթուելով՝ իրեն վնաս մը չեղաւ։ Բնիկները կը սպասէին որ անիկա ուռենայ, կամ յանկարծակի մեռած իյնայ. բայց շատ սպասեցին ու տեսան որ անոր վնաս մը չեղաւ, կարծիքնին փոխելով՝ ըսին թէ՝ ‘աստուած մըն է’։ Այն տեղին բոլորտիքը կղզիին գլխաւոր մարդուն ագարակները կը գտնուէին, որուն անունը Պոպղիոս էր։ Ան մեզ ընդունեց եւ երեք օր հիւրասիրութեամբ մեզ իրեն քով պահեց։ Պոպղիոսի հայրը ջերմով եւ թանչքով հիւանդացած պառկած էր։ Պօղոս անոր քով մտաւ եւ աղօթք ընելով ձեռքերը անոր վրայ դրաւ ու բժշկեց զանիկա։ Ու երբ ասիկա եղաւ, ուրիշ հիւանդներ, որոնք այն կղզիին մէջ էին, կու գային եւ կը բժշկուէին։ Անոնք շատ պատիւներով ալ մեզ պատուեցին ու մեր երթալու ատենը պէտք եղած բաները տուին։ Երեք ամիս յետոյ Աղեքսանդրիական նաւով մը ճամբայ ելանք, որ ձմեռը այն կղզին անցուցեր էր ու Դիոսկուրացիներու նշանը ունէր։ Սիրակուսա հասնելով՝ երեք օր հոն կեցանք։ Անկէ ալ պտոյտ մը ընելով՝ Հռեգիոն հասանք։ Մէկ օր յետոյ երբ հարաւ սկսաւ փչել, երկու օրէն Պատիողոս հասանք։ Հոն եղբայրներ գտանք, որոնք աղաչեցին որ եօթը օր իրենց քով մնանք ու ետքը Հռովմ ելլենք։ Եղբայրները, երբ մեր վրայով լսեցին, մեզ դիմաւորելու ելան մինչեւ Ապփիոսի վաճառանոցը ու Երեք պանդոկները։ Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ։ Երբ Հռովմ մտանք, հարիւրապետը կապուածները զօրապետին յանձնեց. իսկ Պօղոսին հրաման եղաւ, որ իր պահապան զինուորին քով կենայ։ Երեք օր յետոյ ան Հրեաներուն գլխաւորները կանչեց ու երբ մէկտեղ եկան, ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես ժողովուրդին կամ հայրենական սովորութիւններու դէմ բան մը չըրած, Երուսաղէմէն կապուած՝ Հռովմայեցիներուն մատնուեցայ, Որոնք երբ զիս քննեցին, ուզեցին որ արձակեն, վասն զի իմ վրաս մեռնելու յանցանք մը չկար։ Բայց երբ Հրեաները հակառակ կեցան, պէտք եղաւ որ Կայսրին բողոքեմ, ո՛չ թէ իմ ազգիս դէմ ամբաստանութիւն մը ունեցողի պէս։ Ուստի այս պատճառաւ աղաչեցի որ ձեզ տեսնեմ ու ձեզի խօսիմ. վասն զի Իսրայէլի յոյսին համար ես այս շղթան վրաս կը կրեմ»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Մենք քու վրայովդ Հրէաստանէն ո՛չ թուղթեր առինք եւ ո՛չ եղբայրներէն մէկը հոս գալով՝ քու վրայովդ չարութիւն մը պատմեց կամ խօսեցաւ։ Բայց կ’աղաչենք, որ քեզմէ լսենք թէ դուն ի՞նչ մտքի վրայ ես. վասն զի մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ Օր մը որոշելով, շատեր գացին իր բնակած տեղը, որոնց Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ծանուցանէր վկայութիւնով եւ կը համոզէր զանոնք Յիսուսին վրայով Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներէն սորվիլ, առաւօտէն մինչեւ իրիկուն։ Ոմանք հաւատացին ըսածներուն, ոմանք չհաւատացին։ Եւ իրարու հետ չմիաբանած՝ գացին, երբ Պօղոս խօսք մը ըսաւ. «Սուրբ Հոգին աղէկ խօսեցաւ մեր հայրերուն, Եսայի մարգարէին միջոցով Եւ ըսաւ. «Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՝ ‘Լսելով պիտի լսէք՝ ու պիտի չիմանաք եւ տեսնելով պիտի տեսնէք՝ ու պիտի չտեսնէք. Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որ չըլլայ թէ իրենց աչքերովը տեսնեն ու ականջներովը լսեն եւ սրտերովը իմանան ու դարձի գան եւ ես բժշկեմ զանոնք’։ Ուստի յայտնի ըլլայ ձեզի թէ Աստուծոյ փրկութիւնը հեթանոսներուն ղրկուեցաւ եւ անոնք մտիկ պիտի ընեն»։ Ու երբ ասիկա ըսաւ, Հրեաները դուրս ելան, իրարու հետ վիճելով։ Պօղոս լման երկու տարի իր վարձքով բռնած տունը կեցաւ։ Բոլոր եկողները կ’ընդունէր։ Կը քարոզէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով՝ առանց արգիլուելու՝ կը սորվեցնէր կատարեալ համարձակութեամբ։ Պօղոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ, առաքեալ ըլլալու կանչուած, Աստուծոյ աւետարանին համար որոշուած, (Որ առաջուընէ իր մարգարէներուն ձեռքով սուրբ գրքերով խոստացաւ,) Իր Որդիին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով, որ մարմնի կողմանէ Դաւիթին սերունդէն եղաւ, Որ սրբութեան հոգիին կողմանէ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ զօրութեամբ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելով. Որով շնորհք եւ առաքելութիւն առինք՝ հաւատքի հնազանդութեան համար բոլոր ազգերուն մէջ, անոր անունին համար. Որոնց մէջ դուք ալ Յիսուս Քրիստոսին կանչուածներն էք Ձեր բոլորին, որ Հռովմի մէջ էք, Աստուծոյ սիրելիներուդ, սուրբ ըլլալու կանչուածներուդ, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Նախ կը գոհանամ իմ Աստուծմէս Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով ձեր ամենուն համար, վասն զի ձեր հաւատքը բոլոր աշխարհի մէջ կը պատմուի։ Քանզի վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ իմ հոգիովս անոր Որդիին աւետարանին մէջ, Թէ անդադար ձեզ կը յիշեմ, ամէն ատեն իմ աղօթքներուս մէջ խնդրելով՝ որ թերեւս անգամ մը Աստուծոյ կամքովը յաջողիմ ձեզի գալու։ Քանզի կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որ ձեզի հոգեւոր շնորհք մը հաղորդեմ, որպէս զի հաստատուիք. Այսինքն ձեզի հետ ես ալ մխիթարուիմ իմ ու ձեր փոխադարձ հաւատքին միջոցով։ Սակայն չեմ ուզեր որ չգիտնաք, եղբայրնե՛ր, որ շատ անգամ ուզեցի գալ ձեզի, (եւ մինչեւ հիմա արգիլուեցայ,) որպէս զի ձեր մէջ ալ պտուղ մը ունենամ, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներու մէջ ալ։ Յոյներուն ու բարբարոսներուն, իմաստուններուն ու անմիտներուն ալ պարտական եմ։ Ուստի որչափ որ ձեռքէս կու գայ, յօժարութիւն ունիմ ձեզի ալ, որ Հռովմի մէջ էք, աւետարանը քարոզել։ Վասն զի ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար՝ առաջ Հրեային ու ետքը Յոյնին։ Վասն զի անով Աստուծոյ արդարութիւնը, որ է հաւատքէն, հաւատքի համար կը յայտնուի. ինչպէս գրուած է թէ՝ ‘Արդարը հաւատքէն պիտի ապրի’։ Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկնքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են։ Վասն զի ինչ որ Աստուծոյ մասին պէտք է գիտնալ՝ իրենց մէջ յայտնի է, որովհետեւ Աստուած անոնց յայտնեց։ Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը ու աստուածութիւնը, որպէս զի անպատասխանի մնան։ Թէեւ իրենք Աստուած կը ճանչնային բայց Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան. հապա իրենց խորհուրդներուն մէջ ունայնացան եւ սրտերնին անմտութիւնով՝ ՝ խաւարեցաւ։ Իրենք իմաստուն ենք ըսին ու յիմարացան Եւ անեղծ Աստուծոյ փառքը փոխեցին, նմանցնելով եղծանելի մարդու եւ թռչուններու ու չորքոտանիներու եւ սողուններու պատկերին։ Անոր համար Աստուած ալ պղծութեան մատնեց զանոնք իրենց սրտերուն ցանկութիւններովը՝ իրենց մարմինները իրենց մէջ անարգելու։ Որոնք Աստուծոյ ճշմարտութիւնը սուտի հետ փոխեցին ու երկրպագութիւն եւ պաշտօն մատուցանեցին ստեղծուածներուն քան թէ Ստեղծողին, որ յաւիտեան օրհնեալ է։ Ամէն։ Անոր համար Աստուած զանոնք անարգ կրքերու մատնեց։ Իրենց էգերն անգամ բնական պէտքը բնութեան դէմ եղող պէտքի փոխեցին։ Նոյնպէս ալ արուները կնոջ բնական պէտքը թողուցած՝ իրենց ցանկութիւնովը իրարու հետ վառուեցան. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին եւ իրենց մոլութեանը վայլած հատուցումը իրենց վրայ կ’ընդունէին։ Քանի որ չուզեցին Աստուած իրենց գիտութեանը մէջ պահել, Աստուած ալ զանոնք անարգ խորհուրդներու մատնեց անվայել բաներ ընելու. Որոնք լեցուած էին ամէն անիրաւութիւնով, պոռնկութիւնով, անզգամութիւնով, ագահութիւնով, չարութիւնով, նախանձով, մարդասպանութիւնով, հակառակութիւնով եւ նենգութիւնով, չարասրտութիւնով եւ էին քսուներ։ Չարախօսներ, Աստուած ատողներ, նախատողներ, հպարտներ, ամբարտաւաններ, չար բաներ հնարողներ, ծնողաց անհնազանդներ, Անմիտներ, ուխտ չպահողներ, անգութներ, անհաշտներ, անողորմներ։ Անոնք գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատաստանը, թէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ’ընեն՝ մահուան արժանի են, ո՛չ միայն այն բաները կ’ընեն, հապա ընողներուն ալ հաւանութիւն կու տան։ Ո՛վ մարդ, ո՛վ որ ըլլաս՝ դուն որ կը դատես՝ արդարանալու չքմեղանք չունիս. քանզի ի՛նչ բանով որ ուրիշը կը դատես, անով քու անձդ կը դատապարտես. վասն զի դո՛ւն ալ որ կը դատես՝ նոյն բաները կ’ընես։ Բայց գիտենք թէ Աստուծոյ դատաստանը ճշմարտութիւնով կ’ըլլայ անոնց վրայ՝ որ այնպիսի բաներ կը գործեն։ Արդ՝ ո՛վ մարդ, դուն որ այսպիսի բաներ ընողները կը դատես եւ նոյն բաները կ’ընես, մտքէդ կ’անցընե՞ս թէ դուն Աստուծոյ դատաստանէն ազատ պիտի մնաս. Կամ թէ անոր անչափ քաղցրութիւնը եւ համբերութիւնը ու երկայնամտութիւնը կ’արհամարհե՞ս։ Չե՞ս գիտեր թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը քեզ դէպի ապաշխարութիւն կ’առաջնորդէ։ Բայց դուն քու խստութիւնովդ եւ անզիղջ սրտովդ քու անձիդ վրայ բարկութիւն կը դիզես՝ բարկութեան օրուան համար, երբ Աստուծոյ արդար դատաստանը պիտի յայտնուի։ Քանզի ամէն մէկուն իր գործերուն փոխարէնը պիտի հատուցանէ. Յաւիտենական կեանք անոնց, որոնք բարի գործերու մէջ համբերութեամբ յարատեւելով փառք ու պատիւ եւ անմահութիւն կը խնդրեն. Բայց անոնց՝ որ հակառակ են եւ ճշմարտութեան անհնազանդ ու անիրաւութեան հնազանդած՝ պիտի ըլլայ բարկութիւն եւ սրտմտութիւն, Նեղութիւն եւ տառապանք ամէն անոնց որ չար են, Առաջ Հրեային ու ետքը՝ Յոյնին, իսկ փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն այն ամենուն, որ բարի են։ Առաջ՝ Հրեային ու ետքը՝ Յոյնին։ Վասն զի Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Քանզի անոնք որ առանց օրէնքի մեղք գործեցին, առանց օրէնքի պիտի կորսուին եւ անոնք որ օրէնքի տակ մեղք գործեցին, օրէնքով պիտի դատուին, (Վասն զի ոչ թէ օրէնքը լսողները Աստուծոյ առջեւ արդար են, հապա օրէնքը կատարողները պիտի արդարանան Քանզի հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, Որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը,) Այն օրը երբ Աստուած մարդոց ծածուկ բաները դատէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով իմ քարոզած աւետարանիս համեմատ։ Դուն Հրեայ կոչուեր ես եւ օրէնքին կռթներ ես ու Աստուծմով կը պարծենաս Եւ անոր կամքը գիտես ու տարբեր բաները կը զանազանես՝ օրէնքէն խրատուած ըլլալով Եւ քու անձիդ վրայ վստահութիւն ունիս՝ թէ կոյրերուն առաջնորդ ես, խաւարածներուն՝ լոյս, Անմիտներուն՝ խրատ տուող, տղայոց՝ վարժապետ, վստահ ես թէ օրէնքով գիտութեան ու ճշմարտութեան կերպարանքը ունիս։ Իսկ արդ՝ դուն որ ընկերիդ կը սորվեցնես, քու անձիդ չե՞ս սորվեցներ. որ կը քարոզես չգողնալ, բայց դուն կը գողնա՞ս. Որ կ’ըսես շնութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն կ’ընե՞ս. որ կը զզուիս կուռքերէն, սրբապղծութի՞ւն կ’ընես. Որ օրէնքով կը պարծենաս, օրինազանց ըլլալով՝ Աստուած կ’անարգե՞ս։ Վասն զի ձեր պատճառաւ հեթանոսներուն մէջ Աստուծոյ անուան կը հայհոյեն, ինչպէս գրուած է։ Արդ՝ թլփատութիւնը շահ կ’ունենայ, եթէ օրէնքը պահես. իսկ եթէ օրէնքին դէմ յանցաւոր ես, քու թլփատութիւնդ անթլփատութիւն կ’ըլլայ։ Ուստի եթէ անթլփատութիւնը օրէնքին իրաւունքները պահէ, չէ՞ որ անոր անթլփատութիւնը թլփատութիւն պիտի սեպուի. Եւ ի բնէ եղած անթլփատութիւնը օրէնքը կատարելով՝ պիտի դատապարտէ քեզ, որ գրով ու թլփատութիւնով օրէնքին դէմ յանցաւոր ես։ Վանս զի Հրեայ չէ ան որ դուրսէն է եւ թլփատութիւն չէ այն որ դուրսէն՝ մարմնով է. Հապա ա՛ն Հրեայ է որ ներսէն է եւ իսկական թլփատութիւնը՝ սրտին թլփատութիւնն է հոգիով ու ո՛չ թէ գրով, որուն գովեստը ո՛չ թէ մարդոցմէ է, հապա՝ Աստուծմէ։ Ուրեմն Հրեան ի՞նչ առաւելութիւն ունի, կամ թլփատութենէն ի՞նչ շահ կայ։ Շատ՝ ամէն կերպով. ամենէն առաջ ան՝ որ Աստուծոյ պատգամները անոնց վստահուեցան։ Եթէ անոնցմէ ոմանք չհաւատացին, միթէ՞ անոնց անհաւատութիւնը Աստուծոյ հաւատարմութիւնը կը խափանէ. քա՛ւ լիցի։ Սակայն Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ. ինչպէս գրուած է. ‘Որպէս զի քու խօսքերուդ մէջ արդար ըլլաս եւ դատուելու ատենդ դուն յաղթես’։ Ուրեմն եթէ մեր անիրաւութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնի կը ցուցնէ, ի՞նչ ըսենք. միթէ անիրա՞ւ է Աստուած, որ իր բարկութիւնը մեր վրայ կը բերէ. (Մարդկօրէն կ’ըսեմ.) քա՛ւ լիցի. ապա թէ ոչ՝ ի՞նչպէս Աստուած պիտի դատէ աշխարհը։ Վասն զի եթէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը իմ ստութիւնովս կ’աւելնայ իր փառքին համար, ալ ես ինչո՞ւ մեղաւորի մը պէս դատուիմ։ Եւ ինչո՞ւ համար պէտք չէ ըսել, ինչպէս ոմանք մեր վրայ չարախօսութիւն ընելով՝ կ’ըսեն թէ մենք կ’ըսենք՝ ‘Չարը գործենք, որպէս զի բարին գայ’։ Ատոնք իրապէս դատապարտելի են։ Ուստի ալ ի՞նչ ըսենք։ Հրեաներս առաւելութիւն ունի՞նք հեթանոսներէն ։ Երբեք. վասն զի առաջ մեղադրեցինք Հրեաները եւ հեթանոսները թէ բոլորը մեղքի տակ են։ Ինչպէս գրուած է թէ՝ «Արդար մը չկայ եւ ո՛չ մէկը», «Մէկը չկայ որ հասկնայ, մէկը չկայ որ Աստուած փնտռէ։ Բոլորը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան. աղէկութիւն ընող մը չկայ, մէկ մըն ալ չկայ»։ «Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան, իժերու թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ»։ «Անոնց բերանը անէծքով ու դառնութիւնով լեցուն է». «Անոնց ոտքերը կ’աճապարեն արիւն թափելու». «Կործանում եւ թշուառութիւն կայ իրենց ճամբաներուն մէջ»։ «Խաղաղութեան ճամբան չճանչցան»։ «Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ»։ Բայց գիտենք թէ օրէնքը ինչ որ կ’ըսէ, անոնց կ’ըսէ՝ որոնք օրէնքին տակ են, որպէս զի ամէն բերան գոցուի եւ բոլոր աշխարհ դատապարտուի Աստուծոյ առջեւ։ Վանս զի անոր առջեւ ոեւէ մարմին պիտի չարդարանայ օրէնքին գործերովը, քանզի օրէնքով մեղքը կը ճանչցուի։ Բայց հիմա առանց օրէնքի Աստուծոյ արդարութիւնը յայտնուած է, թէեւ օրէնքն ու մարգարէները կը վկայեն թէ Աստուծոյ արդարութիւնը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքէն է որ բոլոր հաւատացողներուն վրայ կ’ըլլայ. քանզի խտրութիւն չկայ։ Վասն զի ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան. Բայց անոր շնորհքով եւ Քրիստոս Յիսուսով եղած փրկութիւնով ձրի կ’արդարանան, Որը Աստուած նախապէս սահմանած էր, քաւութիւն ըլլալու, եթէ անոր արեան հաւատան։ Այս եղաւ ապացուցանելու համար Աստուծոյ արդարութիւնը. քանզի Աստուած իր երկայնամտութեամբ ջնջած էր նախապէս գործուած մեղքերը։ Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ժամանակին մէջ ցուցնելու համար, որպէս զի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսին հաւատացողը։ Ուրեմն ո՞ւր մնաց պարծենալը։ Խափանուեցաւ։ Ո՞ր օրէնքէն, գործերո՞ւ օրէնքէն ։ Ո՛չ, հապա հաւատքի օրէնքէն։ Վանս զի կը սեպենք թէ մարդ հաւատքով կ’արդարանայ առանց օրէնքին գործերուն։ Միթէ Աստուած միայն Հրեաներո՞ւնն է ու հեթանոսներունը չէ՞։ Այո՛, հեթանոսներունն ալ։ Որովհետեւ Աստուած մէկ է։ Թլփատութիւնը հաւատքով կ’արդարանայ եւ անթլփատութիւնը՝ նոյն հաւատքով։ Ուստի մենք հաւատքով օրէնքը կը խափանե՞նք։ Քա՛ւ լիցի, հապա օրէնքը կը հաստատենք։ Ուրեմն ի՞նչ գտաւ Աբրահամ՝ մեր նահապետը՝ մարմնի կողմանէ։ Վասն զի եթէ Աբրահամ գործով արդարացած ըլլար, իրաւցընէ պարծանք պիտի ունենար, բայց ո՛չ թէ Աստուծոյ առջեւ։ Քանզի գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց եւ ան՝ իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ»։ Բայց ան որ գործ մը կ’ընէ, վարձքը շնորհքէ եղած չի սեպուիր անոր, հապա՝ շահուած։ Իսկ ան որ չի գործեր, բայց կը հաւատայ անոր որ ամբարիշտը կ’արդարացնէ, անոր հաւատքը իրեն արդարութիւն կը սեպուի։ Ինչպէս Դաւիթ ալ կը յիշէ այն մարդուն երանութիւնը, որուն Աստուած արդարութիւն կը սեպէ, առանց գործերու։ «Երանի՜ անոնց, կ’ըսէ, որոնց անօրէնութիւնները ներուեցան եւ որոնց մեղքերը ծածկուեցան։ Երանի՜ այն մարդուն, որուն մեղք չի սեպեր Տէրը»։ Ուստի այս երանութիւնը թլփատութեա՞ն վրայ է, թէ անթլփատութեան վրայ։ Քանզի կ’ըսենք թէ՝ ‘Հաւատքը Աբրահամին արդարութիւն սեպուեցաւ’։ Ուրեմն ի՞նչպէս սեպուեցաւ. թլփատութեա՞ն մէջ եղած ատենը, թէ անթլփատութեան մէջ։ Ո՛չ թէ թլփատութեան մէջ, հապա՝ անթլփատութեան։ Ու ետքը թլփատութեան նշանը առաւ՝ իբրեւ անթլփատութեան ատենէն ունեցած հաւատքին արդարութեան կնիքը, որպէս զի ինք հայր ըլլայ այն բոլոր հաւատացողներուն, որոնք անթլփատութենէ են, (անոնց ալ արդարութիւն սեպուելու համար,) Եւ թլփատութեան հայր՝ ո՛չ թէ միայն թլփատութենէ եղողներուն, հապա անոնց ալ՝ որոնք մեր հօրը Աբրահամին անթլփատութեան ատենի հաւատքին շաւիղներուն մէջ կը քալեն։ Վասն զի Աբրահամին եւ անոր սերունդին՝ աշխարհը ժառանգելու համար տրուած խոստումը ո՛չ թէ օրէնքով եղաւ, հապա հաւատքին արդարութիւնովը։ Քանզի եթէ օրէնքէն եղողները ժառանգորդ ըլլային, հաւատքը փուճ պիտի ըլլար եւ խոստումը պիտի խափանուէր։ Վասն զի օրէնքը բարկութիւն կը գործէ. քանզի ուր օրէնք չկայ, օրինազանցութիւն ալ չկայ։ Ասոր համար ժառանգորդ ըլլալը հաւատքէն է, որպէս զի շնորհքով եղած ըլլայ, որ խոստումը հաստատուն ըլլայ բոլոր սերունդին։ Ո՛չ միայն անոր՝ որ օրէնքէն է, հապա անո՛ր ալ՝ որ Աբրահամին հաւատքէն է, որ մեր ամենուն հայրն է, (Ինչպէս գրուած է թէ՝ ‘Քեզ շատ ազգերու հայր ըրի’,) Աստուծոյ առջեւ, որուն ինք հաւատաց, ան որ մեռելները կ’ողջնցնէ եւ չեղած բաները եղածներու պէս կը կանչէ։ Որ չյուսացուած բանին՝ յուսով հաւատաց՝ թէ ինք շատ ազգերու հայր պիտի ըլլայ, (ինչպէս ըսուեցաւ ալ, թէ՝ ‘Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ’.) Եւ ինք հաւատքի մէջ չտկարացած՝ չնայեցաւ իր մարմնին, որ արդէն մեռածի պէս էր, (որովհետեւ ինք հարիւր տարեկանի չափ էր,) ո՜չ ալ Սառայի արգանդին մեռած ըլլալուն։ Անհաւատութիւնով չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին վրայ, հապա հաւատքով զօրացած՝ Աստուծոյ փառք տուաւ Եւ իր մտքին մէջ հաստատ պահեց թէ՝ ան որ խօսք տուաւ, կարող է ընելու ալ։ Ասոր համար իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ։ Բայց ո՛չ միայն անոր համար գրուեցաւ, որ իրեն սեպուեցաւ. Հապա մեզի համար ալ՝ որոնց պիտի սեպուի, որ կը հաւատանք Անոր որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, Որ մեր յանցանքներուն համար մատնուեցաւ եւ մեզ արդարացնելու համար յարութիւն առաւ։ Արդ՝ մենք հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Որով ընդունեցինք հաւատքով, այս շնորհքին մօտենալը, որուն մէջ կեցեր ենք եւ Աստուծոյ փառքին յոյսովը կը պարծինք։ Ո՛չ միայն այսքան՝ հապա նաեւ նեղութիւններու մէջ կը պարծինք. վասն զի գիտենք թէ նեղութիւնը համբերութիւն կը գործէ Եւ համբերութիւնը՝ փորձառութիւն ու փորձառութիւնը՝ յոյս. Եւ յոյսը ամօթով չի ձգեր. վասն զի Աստուծոյ սէրը մեր սրտերուն մէջ տարածուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տրուեցաւ։ Վասն զի երբ մենք դեռ տկար էինք, յարմար ժամանակին Քրիստոս ամբարիշտներուն համար մեռաւ։ Վասն զի արդարի մը համար հազիւ կրնայ մէկը մեռնիլ. (Բայց բարի մարդու մը համար՝ կարելի է որ մէկը համարձակի մեռնիլ.) Սակայն Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր ՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ. ուրեմն հիմա որ իր արիւնով արդարացանք, ո՜րչափ աւելի իրմով պիտի ազատինք բարկութենէն։ Վասն զի եթէ մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի ապրինք անոր կեանքովը։ Եւ ոչ միայն այս, հապա Աստուծմով կը պարծենանք ալ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով հիմա հաշտութիւն ընդունեցինք։ Վասն զի ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին։ (Վասն զի մինչեւ օրէնքին ատենը աշխարհի մէջ մեղք կար, բայց մեղք չէր սեպուեր՝ քանի որ օրէնք չկար։ Սակայն մահը Ադամէն մինչեւ Մովսէս թագաւորեց, նաեւ Ադամին յանցանքին նման չմեղանչողներուն վրայ ալ, որ օրինակ էր անոր որ ետքը պիտի գար։ Բայց շնորհքը յանցանքին պէս չէ. վասն զի եթէ մարդու մը յանցանքովը շատեր մեռան, ալ որչա՜փ աւելի Աստուծոյ շնորհքը եւ այն պարգեւը որ Յիսուս Քրիստոսի՝ մէկ մարդուն՝ շնորհքովն է, շատերուն վրայ աւելցաւ։ Բայց ձրի պարգեւը այնպէս չէ, ինչպէս մէկին մեղքին արդիւնքը. վասն զի դատաստանը մէկ մեղքէն դատապարտութեան մէջ ձգեց, բայց շնորհքը շատ մեղքերէ արդարութեան տարաւ ։ Վասն զի եթէ մէկ մարդու մեղքովը մահը թագաւորեց, ո՜րչափ աւելի անոնք որ շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը կ’առնեն, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։) Ուրեմն ինչպէս մէկուն յանցանքովը բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ եղաւ, այնպէս՝ մէկուն արդարութիւնովը բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ. Վասն զի ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան։ Սակայն օրէնքը մէջտեղ ինկաւ որպէս զի յանցանքը շատնայ. բայց ուր աւելի եղաւ մեղքը, ա՛լ աւելի եղաւ շնորհքը. Որպէս զի ինչպէս մեղքը թագաւորեց մահով, այնպէս շնորհքը թագաւորէ արդարութիւնով՝ մինչեւ յաւիտենական կեանքը մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ Ալ հիմա ի՞նչ պիտի ըսենք. մեղքի մէջ մնա՞նք արդեօք, որպէս զի շնորհքը շատնայ։ Քա՛ւ լիցի. մենք որ մեղքին մեռանք, ի՞նչպէս անոր մէջ կենանք։ Չէ՞ք գիտեր թէ մենք որ Յիսուս Քրիստոսով մկրտուեցանք, անոր մահուանը մկրտուեցանք։ Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութիւնով մահուան համար. որպէս զի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքովը յարութիւն առաւ մեռելներէն, այնպէս ալ մենք կեանքի նորոգութեան մէջ պտըտինք։ Վասն զի եթէ մենք տնկակից եղանք անոր մահուանը նմանութիւնովը, նաեւ անոր յարութեանը նմանութիւնով ալ կցորդ պիտի ըլլանք։ Այս գիտնանք թէ մեր հին մարդը անոր հետ խաչուեցաւ, որ մեղաւոր մարմինը փճանայ, որպէս զի ասկէ յետոյ մեղքի չծառայենք։ Վասն զի ան որ մեղքի մեռած է, մեղքէ արդարացած է։ Արդ՝ եթէ մենք Քրիստոսին հետ մեռանք, կը հաւատանք թէ անոր հետ պիտի ապրինք ալ։ Քանզի գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած ըլլալով՝ նորէն չի՛ մեռնիր, ա՛լ մահը անոր վրայ իշխանութիւն չունի։ Վասն զի քանի որ մեռաւ՝ մեղքի մեռաւ մէկ անգամ եւ որ կենդանի է՝ Աստուծոյ կենդանի է։ Այսպէս դուք ձեր անձերը մեղքի մեռած սեպեցէք, բայց Աստուծոյ կենդանի՝ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։ Ուստի ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմնին վրայ, որ անոր ցանկութիւններուն հնազանդիք։ Եւ ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք, անիրաւութեան գործիք ըլլալու, հապա ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք որպէս թէ մեռելներէն ողջնցած եւ ձեր անդամները արդարութեան գործիքներ՝ Աստուծոյ։ Քանզի մեղքը ձեր վրայ պիտի չիշխէ. վասն զի օրէնքի տակ չէք, հապա շնորհքի տակ։ Ուրեմն ի՞նչ. մե՞ղք գործենք քանի որ օրէնքի տակ չենք, հապա շնորհքի տակ։ Քա՛ւ լիցի։ Չէ՞ք գիտեր թէ որու որ անձերնիդ իբր ծառայ ընծայէք հնազանդելու, ծառայ կ’ըլլաք անոր՝ որուն որ կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքի՝ որ մահուան կը տանի եւ թէ՛ հնազանդութեան որ ՝ արդարութեան։ Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէեւ դուք մեղքի ծառայ էիք, սակայն սրտանց հնազանդեցաք այն վարդապետութեան գաղափարին, որ ձեզի յանձնուեցաւ։ Ուստի դուք մեղքէ ազատուելով՝ արդարութեան ծառայ եղաք. (Մարդու սովորութեան պէս կ’ըսեմ՝ ձեր մարմնին տկարութեանը համար.) քանզի ինչպէս ատեն մը ձեր անդամները անօրէնութեան ընծայեցիք՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան ծառաներ ըլլալու, ա՛յնպէս հիմա ձեր անդամները սրբութեան ընծայեցէք՝ արդարութեան ծառաներ ըլլալու։ Վասն զի երբ դուք մեղքի ծառաներ էիք, արդարութենէ ազատ էիք։ Ուրեմն այն ժամանակ ի՞նչ պտուղ ունէիք այն բաներէն՝ որոնցմով հիմա կ’ամչնաք. վասն զի անոնց վերջը մահ է։ Բայց հիմա մեղքէ ազատուած եւ Աստուծոյ ծառաներ եղած՝ ձեր պտուղը ունիք սրբութիւնով ու վերջը յաւիտենական կեանք։ Քանզի մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ Միթէ չէ՞ք գիտեր, եղբայրնե՛ր, (քանզի ես օրէնքը գիտցողներուն կը խօսիմ,) որ օրէնքը մարդուս վրայ կ’իշխէ՝ որչափ ժամանակ որ ողջ է։ Վասն զի այր ունեցող կինը իր ողջ էրկանը կապուած է օրէնքով. բայց եթէ այրը մեռնի, արձակուած է էրկանը օրէնքէն։ Ուրեմն քանի որ այրը ողջ է, շուն պիտի կոչուի՝ եթէ ուրիշ էրկան մը կին ըլլայ. բայց եթէ այրը մեռնի, այն օրէնքէն ազատ կ’ըլլայ, այնպէս որ շնացող չըլլար՝ եթէ ուրիշ էրկան մը կին ըլլայ։ Ուստի դո՛ւք ալ, իմ եղբայրներս Քրիստոսին մարմնովը օրէնքին մեռաք. որպէս զի ուրիշի մը ըլլաք, անոր՝ որ մեռելներէն յարութիւն առեր է որպէս զի Աստուծոյ պտուղ բերէք։ Քանզի երբ մենք մարմնով էինք՝ մեղքերու կրքերը, որոնք օրէնքով կ’ըլլային, մեր անդամներուն մէջ կը ներգործէին, որպէս զի մենք մահուան պտուղ բերենք։ Բայց հիմա այն օրէնքէն արձակուեցանք. վասն զի մեռանք անոր՝ որով բռնուած էինք որպէս զի մենք ծառայենք հոգիին նորոգութիւնովը եւ ո՛չ թէ գրին հնութիւնովը։ Ուրեմն ի՞նչ ըսենք. օրէնքը մե՞ղք է։ Քա՛ւ լիցի. բայց ես մեղքը պիտի չճանչնայի, եթէ օրէնքով չըլլար. ինչպէս ցանկութիւնն ալ պիտի չգիտնայի, եթէ օրէնքը ըսած չըլլար՝ ‘Մի՛ ցանկար’։ Բայց մեղքը՝ պատուիրանքը առիթ սեպելով՝ իմ մէջս ցանկութիւններ գոյացուց։ Վասն զի առանց օրէնքի՝ մեղքը մեռած է։ Ես ալ առանց օրէնքի ատեն մը կենդանի էի. բայց երբ պատուիրանքը վրաս հասաւ, մեղքը ողջնցաւ Եւ ես մեռայ ու այն պատուիրանքը որ կեանքի համար էր, նոյնը ինծի մահուան համար եղաւ։ Վասն զի մեղքը պատուիրանքը առիթ սեպելով՝ զիս խաբեց ու անով մեռցուց։ Ուստի օրէնքը սուրբ է ու պատուիրանքը՝ սուրբ եւ արդար ու բարի։ Ուրեմն բարին ինծի մա՞հ եղաւ։ Քա՛ւ լիցի, հապա մեղքը իմ մէջս մահ գործեց այս բանին միջոցով, որ բարի է, որպէս զի մեղքին իսկական բնոյթը յայտնուի, պատուիրանքով մեղքին շիտակ մեղք ըլլալը հաստատուի։ Վասն զի գիտենք թէ օրէնքը հոգեւոր է, բայց ես մարմնաւոր եմ՝ մեղքի տակ ծախուած։ Քանզի ինչ որ կ’ընեմ՝ չեմ ճանչնար։ Չէ թէ ինչ որ կ’ուզեմ զայն կ’ընեմ, հապա ինչ որ կ’ատեմ՝ զայն կ’ընեմ։ Բայց եթէ չուզածս կ’ընեմ, հաւանութիւն կու տամ օրէնքին՝ թէ բարի է։ Իսկ արդ՝ ո՛չ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, հապա մեղքը՝ որ իմ ներսիդիս կը բնակի։ Քանզի գիտեմ որ իմ ներսիդիս, այսինքն իմ մարմնիս մէջ, բարի բան մը չի բնակիր. վասն զի կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար։ Քանզի ո՛չ թէ բարին որ կ’ուզեմ, զայն կ’ընեմ, հապա չարը՝ որ չեմ ուզեր, զայն կ’ընեմ։ Իսկ եթէ չուզած բանս կ’ընեմ, ալ ո՛չ թէ ես կ’ընեմ զանիկա, հապա մեղքը՝ որ իմ ներսիսդիս բնակած է։ Ուստի ես կը գտնեմ օրէնք մը, որ երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ։ Վասն զի ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. Բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է։ Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն։ Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ Ուրեմն ես ինքս մտքով Աստուծոյ օրէնքին կը ծառայեմ ու մարմնով՝ մեղքի օրէնքին։ Իսկ արդ դատապարտութիւն չկայ Քրիստոս Յիսուսով եղողներուն, որոնք մարմնաւոր կերպով չեն վարուիր ։ Քանզի Քրիստոս Յիսուսով կեանքի հոգիին օրէնքը զիս ազատեց մեղքի եւ մահուան օրէնքէն։ Վասն զի այն որ օրէնքին համար անկարելի էր, որովհետեւ տկար էր մարմնով, Աստուած իր Որդին ղրկելով մեղանչական մարմնի նմանութեամբ ու մեղքի համար եւ դատապարտեց մեղքը այն մարմնին մէջ. Որպէս զի օրէնքին արդարութիւնը կատարուի մեր մէջ, քանի որ մարմնաւորապէս չենք քալեր, հապա՝ հոգեւորապէս։ Քանզի մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն ու հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները։ Վասն զի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է, իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն։ Քանզի մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. վասն զի Աստուծոյ օրնէքին չի հնազանդիր, մանաւանդ չի կրնար ալ։ Վասն զի մարմնով եղողները չեն կրնար Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ։ Բայց դուք մարմնով չէք, հապա՝ հոգիով, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ բնակած է. իսկ եթէ մէկը Քրիստոսին Հոգին չունի անիկա անորը չէ։ Եւ եթէ Քրիստոս ձեր մէջ է, ա՛լ մարմինը մեռած է մեղքի համար ու հոգին կենդանի է արդարութեան համար։ Իսկ եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին Հոգին ձեր մէջ բնակած է, ուրեմն անիկա որ Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, պիտի կենդանացնէ ձեր մահկանացու մարմիններն ալ իր Հոգիովը որ ձեր մէջ կը բնակի։ Ապա ուրեմն, եղբայրնե՛ր, պարտական ենք, ո՛չ թէ մարմնին՝ մարմնաւորապէս ապրելու համար. Վասն զի եթէ մարմնաւորապէս ապրելու ըլլաք, պիտի մեռնիք. բայց եթէ Հոգիով մարմնին գործերը սպաննէք, պիտի ապրիք։ Վասն զի անոնք որ Աստուծոյ Հոգիովը կ’առաջնորդուին, անոնք Աստուծոյ որդիներն են։ Քանզի դուք ծառայութեան հոգին չառիք կրկին վախնալու, հապա որդեգրութեան հոգին առիք, որ անով կը կանչենք Աբբա Հայր։ Նոյն ինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ, թէ մենք Աստուծոյ որդիներն ենք. Եւ եթէ որդիներ, ուրեմն՝ ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդները ու Քրիստոսին ժառանգակիցներ, որպէս զի եթէ իր չարչարանքներուն կցորդ ըլլանք, իր փառքին ալ հաղորդ ըլլանք։ Վասն զի ես այսպէս կը նկատեմ թէ այս ժամանակին չարչարանքները բան մը չեն գալու փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի։ Զի ստեղծուածները մեծ ակնկալութեամբ Աստուծոյ որդիներուն յայտնուելուն կը սպասեն։ Վասն զի ունայնութեան հնազանդեցան ստեղծուածները, (ոչ թէ իրենց կամքովը՝ հապա անոր համար որ Աստուած հնազանդեցուց,) Այն յոյսով, որ ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին ։ Քանզի գիտենք թէ բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն։ Եւ ոչ միայն անոնք, հապա մենք ալ որ Հոգիին առաջին պտուղը ունինք, մենք մեզմէ մեր անձերուն մէջ կը հառաչենք՝ որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմնին ազատութեանը սպասելով։ Վասն զի յոյսով փրկուեցանք. բայց յոյսը երբ տեսնուի, յոյս ըլլալէ կը դադրի, վասն զի ոեւէ մէկը տեսնուած բանին ինչո՞ւ պիտի յուսայ։ Իսկ եթէ չտեսնուած բաներուն կը յուսանք, համբերութիւնով պիտի սպասենք անոր ։ Նոյնպէս Հոգին ալ օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն. քանզի ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս աղօթելու ենք՝ չենք գիտեր. բայց ինքը՝ Հոգին՝ բարեխօս կ’ըլլայ մեզի համար անբարբառ հառաչանքներով։ Եւ սրտերը Քննողը գիտէ Հոգիին ի՛նչ խորհիլը, քանզի Աստուծոյ կամքին համեմատ բարեխօսութիւն կ’ընէ սուրբերուն համար։ Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ’ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են։ Վասն զի զանոնք որ առաջ կը ճանչնար, առաջուընէ սահմանեց իր Որդիին պատկերին կերպարանակից ըլլալու. որպէս զի անիկա անդրանիկ ըլլայ բազմաթիւ եղբայրներու մէջ։ Անոնք որ նախապէս սահմանեց նաեւ կանչեց զանոնք եւ անոնք որ կանչեց, նաեւ արդարացուց զանոնք եւ անոնք որ արդարացուց, նաեւ փառաւորեց զանոնք։ Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն համար. ‘Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ պիտի ըլլայ մեզի հակառակ’։ Ան որ իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա, ալ ի՞նչպէս անոր հետ բոլոր բաները մեզի չի պարգեւեր։ Ո՞վ է որ Աստուծոյ ընտրածներուն դէմ մեղադիր կ’ըլլայ։ Աստուած է որ կ’արդարացնէ։ Ուրեմն ո՞վ է որ կը դատապարտէ։ Քրիստոս է որ մեռաւ, մանաւանդ որ յարութիւն ալ առաւ ու Աստուծոյ աջ կողմն է, որ նաեւ մեզի համար բարեխօսութիւն կ’ընէ։ Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսին սէրէն. տառապա՞նքը, կամ նեղութի՞ւնը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը. (Ինչպէս գրուած է. ‘Ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք. մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք’.) Հապա այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, Ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է։ Ստոյգը կ’ըսեմ Քրիստոսով ու չեմ ստեր, (իմ խիղճս ալ ինծի կը վկայէ Սուրբ Հոգիով,) Որ մեծ տրտմութիւն է ինծի ու իմ սրտիս ցաւը անպակաս է։ Քանզի ես ինքս կը փափաքէի նզովուիլ Քրիստոսէն, մարմնի կողմէ իմ եղբայրներուս ու ազգականներուս համար, Որոնք Իսրայէլացի են. որոնցն է որդեգրութիւնը, փառքը, ուխտերը, օրէնսդրութիւնը, պաշտօնն ու խոստումները։ Իրենցն են նահապետները, Քրիստոս ալ իրենցմէ եկաւ մարմնի կողմանէ, որ ինքը օրհնեալ Աստուած է ամենուն վրայ յաւիտեանս։ Ամէն։ Բայց Աստուծոյ խօսքը երբեք գետին ինկած չէ. քանզի ոչ թէ ամէն անոնք որ Իսրայէլէն են՝ Իսրայէլացի են Եւ ոչ թէ Աբրահամին սերունդ ըլլալնուն համար ամէնքը որդիներ են. այլ ‘Իսահակով քեզի սերունդ պիտի կոչուի’։ Այսինքն՝ ո՛չ թէ անոնք որ մարմնին որդիներ են՝ Աստուծոյ որդիներ ալ են, հապա խոստումի որդիները սերունդ կը սեպուին։ Վասն զի խոստումը այս էր, թէ՝ ‘Երբ դառնամ՝ Սառան որդի մը պիտի ունենայ’։ Ո՛չ միայն այսքան, հապա Ռեբեկայէն ալ յայտնի է որ յղացաւ մէկէն, այսինքն՝ մեր Իսահակ հօրմէն. Վասն զի տղաքը դեռ չծնած եւ դեռ աղէկ կամ գէշ բան մը չգործած, (որպէս զի Աստուծոյ նախասահմանութիւնը հաստատ մնայ ընտրութեանը պէս, Ո՛չ թէ գործերէն, հապա անկէ՛ որ կանչեց,) իրեն ըսուեցաւ թէ՝ «Մեծը պզտիկին պիտի ծառայէ». ինչպէս գրուած է թէ՝ «Յակոբը սիրեցի, բայց Եսաւը ատեցի»։ Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Միթէ Աստուծոյ քով անիրաւութի՞ւն կայ։ Քա՛ւ լիցի։ Վասն զի Մովսէսին կ’ըսէ. «Որու որ պիտի ողորմիմ՝ կ’ողորմիմ ու որու վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»։ Ուրեմն մարդուն ուզելէն կամ ջանքէն չէ, հապա Աստուծմէ՝ որ կ’ողորմի։ Քանզի գիրքը Փարաւոնին կ’ըսէ. «Անոր համար քեզ վերցուցի, որ իմ զօրութիւնս քեզմով ցուցնեմ ու բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի»։ Ուստի որո՛ւ որ ուզէ՝ կ’ողորմի եւ որը ուզէ՝ կը խստացնէ։ Ուրեմն ինծի պիտի ըսես թէ՝ «Ա՛լ ինչո՞ւ մեղադիր կ’ըլլայ. վասն զի ո՞վ կրնայ անոր կամքին դէմ դնել»։ Բայց դուն ո՞վ ես, ո՛վ մարդ, որ Աստուծոյ հակառակ պատասխան կու տաս։ Միթէ ստեղծուածը իր Ստեղծողին կրնա՞յ ըսել թէ՝ «Զիս ինչո՞ւ այդպէս շինեցիր»։ Բրուտը իշխանութիւն չունի՞ կաւին վրայ՝ նոյն զանգուածէն ամաններ շինելու։ Ոմանքը՝ պատուի, ուրիշներ՝ անարգանքի համար։ Արդ՝ ի՞նչ կրնայ ըսել մէկը, եթէ Աստուած իր բարկութիւնը եւ զօրութիւնը ցուցնելէ առաջ, շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց տայ ա՛յն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուած Եւ կամ եթէ ուզէ իր փառքին ճոխութիւնը ցուցնել ողորմութիւն գտնող անօթներուն, այն փառքին համար, որ նախապէս պատրաստեց. Այսինքն՝ մեզի՝ որ կանչեց, ո՛չ թէ միայն Հրեաներէն, հապա հեթանոսներէն ալ. Ինչպէս Ովսէէի մէջ ալ կ’ըսէ. «Իմ ժողովուրդս չեղողը իմ ժողովուրդս պիտի կոչեմ ու սիրելի չեղողը՝ սիրելի։ Այն տեղ՝ ուր անոնց ըսուեցաւ թէ՝ ‘Դուք իմ ժողովուրդս չէք’, հոն անոնք Կենդանի Աստուծոյ որդիները պիտի կոչուին. Եսայի ալ Իսրայէլի համար կ’աղաղակէ. «Եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին չափ ալ ըլլայ, միայն մնացորդ մը պիտի ազատի։ Քանզի Տէրը համառօտ եւ կտրուկ կ’ընէ արդարութեամբ. վասն զի Տէրը կարճ բան մը պիտի ընէ երկրի վրայ»։ Եւ ինչպէս Եսայի նախապէս ըսաւ. «Եթէ զօրաց Տէրը մեզի սերունդ թողուցած չըլլար, մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք ու Գոմորի պիտի նմանէինք»։ Ուրեմն ի՞նչ ըսենք։ Թէ հեթանոսները որոնք արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարութեան հասան, ա՛յն արդարութեան՝ որ հաւատքէն է. Բայց Իսրայէլ, որ արդարութեան օրէնքին կը հետեւէր, արդարութեան օրէնքին չհասաւ։ Ինչո՞ւ համար. վասն զի ո՛չ թէ հաւատքով, հապա որպէս թէ օրէնքին գործերով ուզեց արդարանալ ։ Անոնք գայթակղութեան վէմին վրայ գլորեցան. Ինչպէս գրուած է. «Ահա Սիօնի մէջ գայթակղութեան քար մը կը դնեմ ու գլորելու վէմ մը. եւ ամէն ով որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ». Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը փափաքիմ ու կ’աղօթեմ Աստուծոյ, որ Իսրայէլը փրկէ։ Վասն զի ես կը վկայեմ անոնց համար թէ Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար։ Վասն զի անոնք Աստուծոյ արդարութիւնը չճանչնալով՝ իրենց արդարութիւնը հաստատել ուզելով, Աստուծոյ արդարութեան չհնազանդեցան։ Քանզի օրէնքին վախճանը Քրիստոս է ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար։ Վասն զի Մովսէս օրէնքէն եղած արդարութիւնը հաստատեց ըսելով. «Զանոնք կատարող մարդը անոնցմով պիտի ապրի»։ Բայց հաւատքէն եղած արդարութիւնը այսպէս կ’ըսէ. «Մի՛ ըսեր քու սրտիդ մէջ՝ ‘Ո՞վ պիտի ելլէ երկինք’, (այսինքն Քրիստոսը իջեցնելու.) Կամ թէ՝ ‘Ո՞վ պիտի իջնէ անդունդը’, (այսինքն Քրիստոսը մեռելներէն հանելու։)» Հապա ի՞նչ կ’ըսէ. ‘Խօսքը մօտդ է, քու շրթունքիդ վրայ եւ քու սրտիդ մէջ է’. (այսինքն հաւատքին խօսքը, որ մենք կը քարոզենք.) Վասն զի եթէ քու բերնովդ Յիսուսը Տէր խոստովանիս ու սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զանիկա մեռելներէն յարուցանեց՝ պիտի փրկուիս. (Վասն զի սրտով կը հաւատայ մէկը արդարանալու համար ու բերնով կը խոստովանի փրկուելու համար։) Քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ, պիտի չամչնայ»։ Վասն զի խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, վասն զի ամենուն Տէրը նոյնն է, որ առատութեամբ կը հասնի անոնց, որոնք իրեն կը կանչեն։ Քանզի «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ Ուրեմն ի՞նչպէս պիտի կանչեն անոր, եթէ անոր չհաւատան, կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատան անոր, որուն վրայով չեն լսած. կամ ի՞նչպէս պիտի լսեն՝ առանց մէկուն քարոզելուն։ Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին. ինչպէս գրուած է. «Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը»։ Բայց ամէնքը հնազանդ չեղան աւետարանին. քանզի Եսայի կ’ըսէ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»։ Ուրեմն հաւա՛տքը լսելէն է ու լսելը՝ Աստուծոյ խօսքէն։ Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ չլսեցի՞ն. մանաւանդ՝ ‘Բոլոր երկի՛ր ելաւ անոնց հնչիւնը ու անոնց խօսքը՝ մինչեւ աշխարհի ծայրերը’»։ Բայց կ’ըսեմ. «Միթէ Իսրայէլ չգիտցա՞ւ»։ Առաջ Մովսէս կ’ըսէ. «Ես ձեզ պիտի գրգռեմ որ նախանձիք անպիտան ժողովուրդի մը ու անմիտ ազգով մը ձեզ պիտի բարկացնեմ»։ Բայց Եսային կը համարձակի ու կ’ըսէ. «Ես անոնցմէ գտնուեցայ՝ որոնք զիս չէին փնտռեր, յայտնի եղայ անոնց՝ որոնք զիս չէին հարցներ»։ Սակայն Իսրայէլի վրայով կ’ըսէ. «Բոլոր օրը իմ ձեռքերս երկնցուցի անհնազանդ ու հակառակող ժողովուրդի մը»։ Ուստի կը հարցնեմ. «Միթէ Աստուած իր ժողովուրդը մերժե՞ց»։ Քա՛ւ լիցի. վասն զի ես ալ Իսրայէլացի եմ, Աբրահամին սերունդէն, Բենիամինին ցեղէն։ Աստուած չմերժեց իր ժողովուրդը որ ինք նախապէս ճանչցաւ։ Միթէ չէ՞ք գիտեր թէ Եղիային պատմութեանը մէջ գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ, երբ անիկա Իսրայէլին համար կը գանգատէր Աստուծոյ. «Տէ՛ր, քու մարգարէներդ մեռցուցին ու քու սեղաններդ փլցուցին, միայն ես մնացեր եմ եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն»։ Բայց ի՞նչ ըսաւ աստուածային պատասխանը. «Ինծի թողուցի եօթը հազար մարդիկ, որոնք Բահաղի ծնրադրութիւն չըրին»։ Հիմա ալ շնորհքով ընտրուած մնացորդ մը կայ։ Եւ եթէ շնորհքով, ուրեմն ա՛լ գործերէն չէ. ապա թէ ոչ՝ շնորհքը ա՛լ շնորհք չըլլար. իսկ եթէ գործերէն է, ա՛լ շնորհք չէ. ապա թէ ոչ գործը ա՛լ գործ չըլլար Ուստի ի՞նչ. Իսրայէլ չհասաւ այն բանին որ կը փնտռէր։ Ընտրուածները հասան ու մնացածները կուրցան (Ինչպէս գրուած է՝ ‘Աստուած անոնց թմրութեան ոգի տուաւ։ Աչքեր՝ որոնցմով պիտի չտեսնեն ու ականջներ՝ որոնցմով պիտի չլսեն’,) մինչեւ այսօր։ Եւ Դաւիթ կ’ըսէ. «Անոնց սեղանը իրենց որոգայթ ու որս եւ գայթակղութիւն ու հատուցում ըլլայ. Անոնց աչքերը պիտի մթննան, որպէս զի չտեսնեն ու անոնց կռնակը միշտ վար պիտի ծռի»։ Ուրեմն կ’ըսեմ. «Միթէ անո՞ր համար անոնք յանցանք գործեցին որ կործանին»։ Քա՛ւ լիցի. հապա իրենց յանցանքովը հեթանոսներուն փրկութիւն եղաւ, որպէս զի անոնց նախանձը շարժէ։ Ուստի եթէ անոնց յանցանքը աշխարհի մեծութիւն եղաւ ու անոնց նուաստութիւնը՝ հեթանոսներուն մեծութիւն, ալ որչա՜փ աւելի անոնց լրութիւնը։ Բայց կ’ըսեմ ձեզի՝ հեթանոսներուդ՝ ‘Որովհետեւ հեթանոսներուն առաքեալն եմ, իմ պաշտօնս կը մեծարեմ. Որպէս զի թերեւս իմ մարմինէս եղողներուն նախանձը շարժեմ ու անոնցմէ մէկ քանիները ապրեցնեմ’։ Վասն զի եթէ անոնց մերժուիլը աշխարհի հաշտութիւն է, հապա անոնց ընդունուիլը ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ոչ՝ մեռելներէն կենդանանալ։ Արդ՝ եթէ երախայրին սուրբ է, նաեւ զանգուածը եւ եթէ արմատը սուրբ է, ուրեմն ճիւղերն ալ։ Եթէ այն ճիւղերէն մէկ քանիները կոտրտեցան ու դուն որ վայրենի ձիթենի էիր՝ անոնց վրայ պատուաստուեցար ու ձիթենիին արմատին եւ պարարտութեանը հաղորդ եղար, Ճիւղերուն դէմ մի՛ պարծենար. իսկ եթէ պարծենաս, յիշէ թէ դուն արմատը վեր չես բռներ, հապա արմատը՝ քեզ։ Ուրեմն պիտի ըսես՝ ‘Ճիւղերը կոտրեցան որպէս զի ես պատուաստուիմ’։ Աղէ՛կ, անոնք անհաւատութիւնով կոտրեցան ու դուն հաւատքով հաստատուեցար։ Մի՛ հպարտանար, հապա վախցիր. Վասն զի եթէ Աստուած բնական ճիւղերուն չխնայեց, գուցէ քեզի ալ չխնայէ։ Ուստի տե՛ս Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու խստութիւնը։ Կործանուածներուն վրայ՝ խստութիւնը եւ քու վրադ՝ քաղցրութիւնը, եթէ այն քաղցրութեան մէջ կենաս, ապա թէ ոչ դուն ալ պիտի կորսուիս։ Իսկ անոնք եթէ իրենց անհաւատութեանը մէջ չկենան, պիտի պատուաստուին, վասն զի Աստուած կարող է զանոնք նորէն պատուաստել։ Քանզի եթէ դուն քեզի բնական եղող վայրենի ձիթենիէն կտրուեցար ու այն բարի ձիթենիին վրայ, որ քեզի բնական չէր, պատուաստուեցար, ալ որչա՜փ աւելի անոնք որ բնական ճիւղեր են, պիտի պատուաստուին իրենց ձիթենիին վրայ։ Վասն զի չեմ ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ չգիտնաք այս խորհուրդը, (որպէս զի ինքզինքնիդ իմաստուն չսեպէք,) որ Իսրայէլին մասամբ կուրութիւն եղաւ, մինչեւ հեթանոսներուն լրութիւնը մտնէ։ Այսպէս՝ բոլոր Իսրայէլ պիտի փրկուի. ինչպէս գրուած է՝ ‘Սիօնէն պիտի գայ Փրկիչը ու Յակոբէն ամբարշտութիւնները մէկդի պիտի դարձնէ’։ «Այս է իմ ուխտս անոնց, երբ անոնց մեղքերը վերցնեմ»։ Աւետարանին նայելով՝ անոնք թշնամի են ձեր սիրոյն համար. բայց ընտրութեանը նայելով՝ սիրելի են իրենց հայրերուն սիրոյն համար։ Վասն զի Աստուծոյ պարգեւներն ու կոչումը առանց զղջալու են։ Վասն զի ինչպէս դուք ալ ատեն մը Աստուծոյ չէիք հաւատար բայց հիմա ողորմութիւն գտաք անոնց անհաւատութիւնովը, Նոյնպէս անոնք ալ հիմա անհաւատ եղան, որպէս զի ձեր ողորմութիւն գտնել ովը՝ իրենք՝ ՝ ալ ողորմութիւն գտնեն։ Վասն զի Աստուած ամէնքն ալ անհաւատութեան մէջ արգիլեց, որպէս զի ամենուն ողորմի։ «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները ու անզննելի են իր ճամբաները։ Վասն զի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ. Կամ ո՞վ նախապէս անոր բան մը տուաւ, որ փոխարէնը իրեն տրուի»։ Վասն զի ամէն բաները անկէ ու անով եւ անոր համար են. իրեն փառք յաւիտեանս։ Ամէն։ Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ ողորմութիւնովը, որ ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է։ Քանզի ինծի տրուած շնորհքով այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ, հապա զգաստ կենալ մտածէ հաւատքին չափովը, որ Աստուած ամէն մէկուն բաժնեց։ Վասն զի ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին, Նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով եւ ամէն մէկերնիս իրարու անդամներ ենք։ Ուստի մենք զանազան պարգեւներ ունենալով այն շնորհքին համեմատ որ մեզի տրուած է, եթէ մարգարէութիւն՝ հաւատքին չափովը գործածենք. Եթէ սպասաւորութիւն՝ սպասաւորութեան մէջ ըլլանք. ան որ պիտի սորվեցնէ՝ սորվեցնելու ետեւէ ըլլայ. Ան որ պիտի յորդորէ՝ յորդորելու ետեւէ, ան որ կը բաշխէ՝ պարզամտութեամբ թող ընէ, ան որ վերակացու է՝ ջանքով, ան որ կ’ողորմի՝ յօժարութեամբ. Սէրը առանց կեղծաւորութեան ըլլայ, չարէն զզուելով, բարիին յարելով։ Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք. Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք. Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք. Սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեէ եղէ՛ք. Ձեզ հալածողները օրհնեցէ՛ք եւ մի՛ անիծէք. Խնդացողներուն հետ խնդացէ՛ք եւ լացողներուն հետ լացէ՛ք. Իրարու վրայ միեւնոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք. ամբարտաւանութիւն մի՛ ընէք, հապա խոնարհներուն հետ խոնարհեցէ՛ք, ինքզինքնիդ իմաստունի տեղ մի՛ դնէք. Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։ Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք. վասն զի գրուած է. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը։ Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր եւ եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր անոր. քանզի այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։ Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին։ Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։ Ուրեմն ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ եւ անոնք որ դէմ կը կենան, անձերնուն դատապարտութիւն կ’ընդունին։ Վասն զի իշխանները բարիք գործողները չեն վախցներ, հապա՝ չարը։ Կ’ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն, բարիք գործէ ու անկէ գովութիւն պիտի ընդունիս. Վասն զի անիկա Աստուծոյ սպասաւորն է քեզի բարիի համար. բայց եթէ չարիք գործես՝ վախցի՛ր. վասն զի դատարկ տեղ մէջքը թուր չէ կապեր, քանզի Աստուծոյ սպասաւորն է եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ որ չարիք կը գործէ։ Ասոր համար պէտք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկութեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ։ Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կուտաք. վասն զի Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու։ Ուստի հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է ՝ տուրքը, որո՛ւ որ մաքս՝ մաքսը, որո՛ւ որ վախ՝ վախնալը, որո՛ւ որ պատիւ՝ պատիւը։ Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. վասն զի ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ. Վասն զի այն Մի՛ շնարը, Մի՛ սպանները, Մի՛ գողնարը, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըները, Մի՛ ցանկարը եւ ուրիշ ինչ պատուէր որ կայ՝ բոլորը այս խօսքին մէջ կը բովանդակուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ Սէրը ընկերին գէշութիւն չըներ. ուրեմն օրէնքին լրումը սէրն է։ Եւ այսպէս ըրէք, գիտնալով թէ ժամանակն է, որ քունէն արթննանք. վասն զի հիմա մօտ է մեզի փրկութիւնը՝ քան թէ այն ատեն որ հաւատացինք։ Գիշերը շատ անցած է ու ցորեկը մօտեցած. ուստի մէկդի ընենք խաւարին գործերը ու մեր վրայ հագնինք լուսոյ զէնքերը։ Որպէս զի ցորեկ ատեն՝ պարկեշտութեամբ պտըտինք, ո՛չ թէ անառակութիւններով ու գինովութիւններով եւ ո՛չ թէ խառնակ անկողիններով ու պղծութիւններով եւ ո՛չ թէ հակառակութիւնով ու նախանձով. Հապա ձեր վրայ հագէք Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու խնամք մի՛ տանիք մարմնին՝ ցանկութիւններու համար։ Հաւատքի մէջ տկար եղողը ընդունեցէք, ո՛չ թէ տարակուսական որոշումներով։ Մէկը կը հաւատայ թէ ամէն բան կրնայ ուտել եւ ան որ տկար է՝ կանանչեղէն կ’ուտէ։ Ան որ կ’ուտէ՝ չուտողը թող չանարգէ՛ ու ան որ չուտեր՝ ուտողը թող չդատէ՛, վասն զի Աստուած զանիկա ընդուներ է։ Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ’իյնայ. բայց պիտի կանգնի, վասն զի Աստուած կարող է զանիկա կանգնեցնել։ Մէկը մէկ օրը ուրիշ օրէ աւելի կը յարգէ, մէկն ալ ամէն օրը մէկ կը սեպէ. թող ամէն մարդ իր միտքը հաճեցնէ։ Ան որ կը հոգայ օրը, Տէրոջը կը հոգայ եւ ան որ չի հոգար օրը, Տէրոջը չի հոգար ու ան որ կ’ուտէ, Տէրոջը կ’ուտէ, քանզի Աստուծմէ կը գոհանայ եւ ան որ չուտեր, Տէրոջը չուտեր ու Աստուծմէ կը գոհանայ։ Վասն զի մեզմէ ոեւէ մէկը իր անձին համար չապրիր, կամ իր անձին համար չի մեռնիր։ Քանզի եթէ ապրինք, Տէրոջը համար կ’ապրինք եւ եթէ մեռնինք, Տէրոջը համար կը մեռնինք. ուրմեն թէ՛ ապրինք եւ թէ՛ մեռնինք, մենք Տէրոջն ենք։ Վասն զի Քրիստոս ալ անոր համար մեռաւ ու ապրեցաւ, որ թէ՛ մեռելներուն եւ թէ՛ կենդանիներուն իշխէ։ Իսկ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կը դատես կամ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կ’անարգես. վասն զի ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք։ Վասն զի գրուած է. «Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ամէն ծունկ ինծի պիտի ծռի եւ ամէն լեզու Աստուած պիտի դաւանի»։ Ուրեմն մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար։ Ա՛լ զիրար չդատենք, հապա որոշենք մեր մտքերուն մէջ՝ խոչ կամ գայթակղութիւն չդնել ոեւէ եղբօր։ Ասիկա գիտեմ ու համոզուած եմ Տէր Յիսուսով, թէ բա՛ն մը ինքնիրմէ պիղծ չէ, բայց պիղծ է անոր, որ պիղծ կը նկատէ։ Իսկ եթէ կերակուրի համար եղբայրդ տրտմեցնես, սիրով վարուած չես ըլլար. քու կերակուրովդ մի՛ կորսնցներ զանիկա՝ որուն համար Քրիստոս մեռաւ։ Թող ձեր բարին չար խօսքերու նշաւակ չ’ըլլայ։ Վասն զի Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ու խնդութիւն Սուրբ Հոգիով։ Քանզի եթէ մէկը այս բաներով Քրիստոսին ծառայէ, անիկա Աստուծոյ հաճելի կ’ըլլայ ու մարդոցմէ կը գովուի։ Ուրեմն իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք։ Կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը մի՛ քակէք։ Ամէն բան մաքուր է. միայն այն մարդուն գէշ է, որ ուրիշը կը գայթակղեցնէ։ Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ ոեւէ բան չընել ՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գայթակղիլ, կամ տկարանալ։ Դուն հաւատք ունի՞ս. զանիկա քեզի պահէ Աստուծոյ առջեւ. երանի՜ անոր որ իր անձը չի դատապարտեր անով, որ ինք կ’ընդունի։ Բայց ան որ կը խղճահարուի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, վասն զի հաւատքով չուտեր, քանզի ի՛նչ բան որ հաւատքով չէ՝ մեղք է։ Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար, Հապա մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ։ Քանզի Քրիստոս ալ ո՛չ թէ իր անձին հաճոյ եղաւ, հապա ինչպէս գրուած է՝ ‘Քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան’։ Վասն զի ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք, որպէս զի համբերութիւնով ու գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք։ Համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը ոյժ պիտի տայ ձեզի, որ իրարու հետ միեւնոյն խորհուրդը ունենաք՝ Քրիստոս Յիսուսին ուզածին պէս, Որպէս զի մէկ սրտով ու մէկ բերնով փառաւորէք Աստուած՝ մեր Տէրոջը՝ Յիսուս Քրիստոսին Հայրը։ Ասոր համար մէկզմէկ ընդունեցէք, ինչպէս Քրիստոս մեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար։ Բայց կ’ըսեմ թէ Յիսուս Քրիստոս սպասաւոր եղաւ թլփատուածներուն, ցուցնելու համար Աստուծոյ ճշմարտութիւնը, որպէս զի նախահայրերուն տրուած խոստումները հաստատէ Եւ հեթանոսները ողորմութեան համար Աստուած փառաւորեն. ինչպէս գրուած է. «Ասոր համար ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ»։ Եւ դարձեալ կ’ըսէ. «Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէք»։ Եւ դարձեալ. «Օրհնեցէ՛ք Տէրը, ո՛վ բոլոր ազգեր ու գովեցէ՛ք զանիկա, ո՛վ բոլոր ժողովուրդներ»։ Եւ դարձեալ Եսային կ’ըսէ. «Յեսսէի արմատը պիտի գայ ու ան ազգերուն իշխան պիտի ըլլայ, ազգերը անոր պիտի յուսան»։ Արդ՝ յուսոյ Աստուածը ձեզ լեցնէ կատարեալ ուրախութիւնով ու խաղաղութիւնով՝ ձեր հաւատքին համաձայն, որպէս զի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութիւնովը։ Ես ինքս ալ հաստատ համոզուած եմ ձեզի համար, իմ եղբայրնե՛րս, որ դուք լեցուած էք բարութիւնով եւ գիտութիւնով եւ կրնաք մէկզմէկ խրատել։ Սակայն մէկ կողմէ համարձակութեամբ գրեցի ձեզի, իմ եղբայրներս, որպէս զի մտքերնիդ ձգեմ այս բաները, այն շնորհքին պատճառով որ Աստուծմէ ինծի տրուած է, Որպէս զի ես Յիսուս Քրիստոսին սպասաւորը ըլլամ հեթանոսներուն մէջ եւ Աստուծոյ աւետարանը մատակարարեմ, որպէս զի հեթանոսներուն ընծայուիլը ընդունելի ըլլայ՝ Սուրբ Հոգիով սրբուելով։ Ուստի Աստուծոյ քով կրնամ պարծենալ Քրիստոս Յիսուսով։ Վասն զի չեմ համարձակիր խօսիլ այն բաներու մասին, որ Քրիստոս իմ ձեռքովս գործած չէ հեթանոսները հնազանդեցնելու համար՝ խօսքով ու գործով, Նշաններու ու հրաշքներու զօրութիւնով, Աստուծոյ Հոգիին զօրութիւնովը. այնպէս որ Երուսաղէմէն սկսած եւ շրջան ընելով մինչեւ Լիւրիկացիներու կողմերը Քրիստոսին աւետարանը լեցուցի։ Այնպէս ջանացի աւետարանը քարոզել, ոչ թէ ուր որ Քրիստոսին անունը յիշուած էր, որ չըլլայ թէ ուրիշի մը դրած հիման վրայ շինեմ. հապա ինչպէս գրուած է թէ՝ «Որոնց չպատմուեցաւ անոր վրայով՝ պիտի տեսնեն ու որոնք չլսեցին՝ պիտի իմանան»։ Անոր համար ալ շատ անգամ արգիլուեցայ ձեզի գալէ։ Բայց հիմա այս կողմերը ա՛լ ինծի տեղ չկայ ու շատ տարիներէ ի վեր խիստ կը փափաքիմ ձեզի գալ, Երբ դէպի Սպանիա երթամ կը յուսամ անցնելու ատենս ձեզ տեսնել ու ձեզմէ ճամբուիլ հոն երթալու, եթէ առաջ քիչ մը ձեզմով լեցուիմ։ Բայց հիմա Երուսաղէմ կ’երթամ սուրբերուն սպասաւորութիւն ընելու։ Վասն զի Մակեդոնացիները եւ Աքայեցիները յօժարեցան որ Երուսաղէմի մէջ եղած աղքատ սուրբերուն քիչ մը օգնութիւն ընեն։ Յօժարեցան, քանզի անոնց պարտական ալ են։ Եթէ հեթանոսները հոգեւոր բաներու մէջ Հրեաներէն օգնութիւն ստացան, պարտաւոր են անոնց օգնել մարմնաւոր բաներու մէջ ալ։ Ուրեմն ասիկա կատարելով ու կնքելով անոնց այս պտուղը՝ ձեզմէ Սպանիա պիտի անցնիմ։ Գիտեմ թէ իմ ձեզի գալու ատենս՝ Քրիստոսին աւետարանին լեցուն օրհնութիւնովը պիտի գամ։ Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով ու Հոգիին սիրովը, որ ինծի հետ պատերազմակից ըլլաք ձեր աղօթքներուն մէջ առ Աստուած ինծի համար, Որպէս զի Հրէաստանի մէջ հաւատքի չհնազանդողներէն ազատուիմ ու իմ Երուսաղէմ ընելու սպասաւորութիւնս սուրբերուն ընդունելի ըլլայ, Որպէս զի Աստուծոյ կամքովը ուրախութեամբ ձեզի գալով՝ ձեզի հետ հանգչիմ։ Եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։ Ձեզի կը յանձնեմ Փիբէ քոյրը, որ Կենքրայի եկեղեցիին սպասաւորն է. Որպէս զի զանիկա ընդունիք Տէրոջմով՝ ինչպէս սուրբերուն արժան է եւ անոր խնամք տանիք ի՛նչ բանի որ ձեր օգնութեանը կարօտի. քանզի ինք ալ շատերու խնամք տարաւ ու ինծի ալ։ Բարեւ ըրէք Պրիսկէին ու Ակիւղասին Քրիստոս Յիսուսով իմ գործակիցներուս. (Որոնք իմ կեանքիս համար իրենց պարանոցները տուին. որոնցմէ ոչ միայն ես շնորհակալ կ’ըլլամ, հապա հեթանոսներուն բոլոր եկեղեցիներն ալ.) Եւ անոնց տանը մէջի եկեղեցիին ալ։ Բարեւ ըրէք Եպենետոս իմ սիրելիիս, որ Աքայիայէ առաջին պտուղն է Քրիստոսին։ Բարեւ ըրէք Մարիամին, որ մեր վրայ շատ աշխատեցաւ։ Բարեւ ըրէք Անդրոնիկոսին ու Յունիային, իմ ազգականներուս եւ գերութեան ընկերներուս, որոնք առաքեալներուն մէջ երեւելիներ են, որոնք ինծմէ առաջ Քրիստոսին եղան։ Բարեւ ըրէք Ամպղիա իմ սիրելիիս Տէրոջմով։ Բարեւ ըրէք Ուրբանոս մեր գործակցին Քրիստոսով ու Ստաքէս իմ սիրելիիս։ Բարեւ ըրէք Ապեղեսին, որ ընտրեալ է Քրիստոսով։ Բարեւ ըրէք Արիստաբուղոսին տանը։ Բարեւ ըրէք Հերովդիոն իմ ազգականիս։ Բարեւ ըրէք անոնց, որոնք Նարկէսին տունէն են, Տէրոջմով։ Բարեւ ըրէք Տրիփոնէին ու Տրիփոսէին, Տէրոջմով աշխատողներուն։ Բարեւ ըրէք Պերսիդէ սիրելիին, որ շատ աշխատեցաւ, Տէրոջմով։ Բարեւ ըրէք Ռուփոսին, Տէրոջմով ընտրուածին ու անոր մօրը եւ իմինիս։ Բարեւ ըրէք Ասինկրիտոսին, Փղեգոնին, Երմասին, Պատրոբային, Երմէսին ու անոնց հետ եղող եղբայրներուն. Բարեւ ըրէք Փիղողոգոսին ու Յուլիային, Ներէոսին ու անոր քրոջը եւ Ողիմպասին ու անոնց հետ եղող բոլոր սուրբերուն։ Բարեւ ըրէք իրարու սրբութեան համբոյրով։ Բարեւ կ’ընեն ձեզի Քրիստոսին [բոլոր] եկեղեցիները։ Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ճանչնաք անոնք, որոնք ձեր սորված վարդապետութենէն դուրս բաժանում կը յառաջացնեն ու գայթակղութիւններ կ’ընեն։ Անոնցմէ ետ կեցէք։ Վասն զի այնպիսիները մեր Տէրոջը՝ Քրիստոսին՝ չեն ծառայեր, հապա իրենց որովայնին։ Անոյշ խօսքերով ու գովեստներով պարզամիտներուն սրտերը կը խաբեն։ Քանզի ձեր հնազանդութիւնը ամենուն ծանօթ է. ուստի ձեզի համար ուրախ եմ. բայց կ’ուզեմ որ դուք իմաստուն ըլլաք բարիին ու միամիտ՝ չարին։ Եւ խաղաղութեան Աստուածը շուտով խորտակէ Սատանան ձեր ոտքերուն տակ։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։ Բարեւ կ’ընէ ձեզի Տիմոթէոս իմ գործակիցս եւ Ղուկիոսը ու Յասոն եւ Սոսիպատրոսը, իմ ազգականներս։ (Բարեւ կ’ընեմ ձեզի Տէրոջմով ես ալ՝ Տերտիոս՝ որ այս թուղթը գրեցի։) Բարեւ կ’ընէ ձեզի Գայիոսը, իմ ու բոլոր եկեղեցիին հիւրընկալը։ Բարեւ կ’ընէ ձեզի Երաստոսը, քաղաքիս գանձապետը ու Կուարտոս եղբայրը։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։ Արդ՝ անոր, որ կարող է ձեզ հաստատել իմ աւետարանիս պէս ու Յիսուս Քրիստոսին քարոզութեանը պէս, այն խորհուրդին յայտնուելուն պէս՝ որ յաւիտենական ատեններէն ի վեր ծածկուած էր, Հիմա յայտնուեցաւ ու մարգարէական գրքերը յաւիտենական Աստուծոյ հրամանով բոլոր հեթանոսներուն ճանչցուեցան, հաւատքի հնազանդելու համար, Մի միայն իմաստուն Աստուծոյն, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով, փառք յաւիտեանս։ Ամէն։ Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ ըլլալու կանչուած ու Սոսթենէս եղբայրը, Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին, Քրիստոս Յիսուսով սրբուածներուն, սուրբեր ըլլալու կանչուածներուն, այն ամենուն հետ որ ամէն տեղ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունը կը կանչեն, իրենցը ու մերը. Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Ամէն ատեն իմ Աստուծմէս ձեզի համար կը գոհանամ Իր շնորհքին համար, որ ձեզի տրուած է Քրիստոս Յիսուսով. Որ դուք անով ամէն բանի մէջ հարստացաք ամէն խօսքով ու ամէն գիտութիւնով Ինչպէս Քրիստոսին վկայութիւնը ձեր մէջ հաստատուեցաւ. Որպէս զի ձեզի ոեւէ շնորհք չպակսի՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելուն սպասելով. Որ նաեւ ձեզ պիտի հաստատէ մինչեւ վերջը՝ որ անարատ ըլլաք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին օրը։ Հաւատարիմ է Աստուած, որով կանչուեցաք հաղորդակից ըլլալու իր Որդիին, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին։ Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ միեւնոյն խօսքը ունենաք ամէնքդ ու երկպառակութիւններ չըլլան ձեր մէջ. հապա դուք մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած ըլլաք։ Վասն զի ձեզի համար ինծի լուր հասաւ, եղբայրնե՛ր, Քղուէի տունէն եղողներէն, թէ ձեր մէջ հակառակութիւններ կան։ Հիմա այս կ’ըսեմ ձեզի, որպէս թէ ձեզմէ մէկը կ’ըսէ թէ՝ «Ես Պօղոսեան եմ» ու միւսը ՝ թէ «Ես Ապօղոսեան եմ» եւ ուրիշը ՝ թէ «Ես՝ Կեփասեան», ու միւսը ՝ թէ «Ես՝ Քրիստոսեան»։ Միթէ Քրիստոս բաժնուա՞ծ է. միթէ Պօղո՞ս խաչը ելաւ ձեզի համար, կամ թէ Պօղոսի՞ն անունով մկրտուեցաք։ Կը գոհանամ Աստուծմէն, որ ձեզմէ մէ՛կը չմկրտեցի, միայն Կրիսպոսը եւ Գայիոսը. որպէս զի ոչ ոք ըսէ՝ Թէ իմ անունովս մկրտուած է։ Ստեփանէսին ընտանիքն ալ մկրտեցի։ Ա՛լ ուրիշ մէկը չեմ յիշեր ամենեւին թէ մկրտեցի։ Վասն զի Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, հապա աւետարանը քարոզելու. բայց ոչ խօսքերու ճարտարութիւնով, որպէս զի Քրիստոսին խաչը ոչինչ չըլլայ։ Քանզի խաչին քարոզութիւնը կորսուածներուն յիմարութիւն է, բայց մեզի փրկուածներուս Աստուծոյ զօրութիւնն է Վասն զի գրուած է. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ ու հանճարեղներուն հանճարը պիտի խափանեմ»։ Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհին քննողը. չէ՞ որ Աստուած յիմարացուց այս աշխարհին իմաստութիւնը։ Քանզի Աստուած հաճեցաւ քարոզութեան յիմարութիւնով ապրելցնել, ուստի աստուածային իմաստութեամբ չթուլատրեց որ աշխարհային իմաստութեամբ մարդ Աստուած ճանչնայ։ Վասն զի Հրեաները նշան կ’ուզեն եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն. Իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, ինչ որ Հրեաներուն գայթակղութիւն ու յոյներուն յիմարութիւն է։ Բայց անոնց որ կանչուած են, թէ՛ Հրեայ եւ թէ՛ Յոյն, Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնն է։ Վասն զի Աստուծոյ յիմարը մարդոցմէ աւելի իմաստուն է եւ Աստուծոյ տկարը մարդոցմէ աւելի զօրաւոր է։ Արդարեւ, դուք ձեր կոչումը կը տեսնէք, ե՛ղբայրներ, որ ոչ թէ մարմնի կողմանէ շատ իմաստուններ եւ ոչ թէ շատ զօրաւորներ եւ ոչ թէ շատ ազնուականներ կանչուեցան. Բայց Աստուած աշխահիս յիմարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ իմաստունները ու աշխարհիս տկարները ընտրեց, որպէս զի ամօթով ընէ զօրաւորները. Եւ աշխարհիս ցածազգիներն ու անարգները ընտրեց եւ ոչինչները, որպէս զի անոնք որ բան մը ըլլալ կը կարծեն, խափանէ. Որ մարմին մը չպարծի Աստուծոյ առջեւ։ Դուք անկէ էք Քրիստոս Յիսուսով, որ մեզի Աստուծմէ իմաստութիւն, արդարութիւն, սրբութիւն եւ փրկութիւն եղաւ. Որպէս զի, ինչպէս գրուած է. «Ան որ կը պարծենայ Տէրոջմով թող պարծենայ»։ Ե՛ղբայրներ, ձեզի խօսքի կամ իմաստութեան գերազանութիւնով մը Աստուծոյ վկայութիւնը յայտնելու չեկայ։ Վասն զի միտքս չդրի ձեր մէջ ուրիշ բան մը գիտնալ, բայց միայն Յիսուս Քրիստոսը ու այն խաչը ելած Եւ ես տկարութիւնով ու վախով եւ շատ դողով ձեր քով կեցայ. Ու իմ խօսքս եւ քարոզութիւնս ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան համոզիչ խօսքերով էր, հապա Հոգիին համոզիչ զօրութիւնով։ Որպէս զի ձեր հաւատքը մարդոց իմաստութիւնովը չըլլայ, հապա Աստուծոյ զօրութիւնովը։ Սակայն կատարեալներուն հետ իմաստութեան մասին կը խօսինք, բայց ո՛չ թէ աշխարհի իմաստութեան եւ ո՛չ այս աշխարհի մահկանացու իշխաններուն, Հապա Աստուծոյ ծածուկ իմաստութեան մասին կը խօսինք խորհրդով, որ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ սահմանեց Աստուած մեր փառքին համար. Որ այս աշխարհի իշխաններէն մէ՛կը չճանչցաւ. քանզի եթէ ճանչցած ըլլային, ա՛լ փառքերուն Տէրը խաչը չէին հաներ. Հապա ինչպէս գրուած է. «Այն բաները որոնք աչք չէ տեսեր եւ ականջ չէ լսեր ու որոնք մարդու սրտին մէջ չեն ինկեր, Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց»։ Բայց Աստուած մեզի յայտնեց իր Հոգիովը, վասն զի Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ։ Վասն զի մարդոցմէ ո՞վ գիտէ մարդուն բաները, բայց միայն մարդուն հոգին որ իր մէջ է. նոյնպէս ալ Աստուծոյ բաները մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն Աստուծոյ Հոգին։ Իսկ մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է. որպէս զի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի. Որոնց մասին կը խօսինք ոչ թէ մարդկային իմաստութեան սորվեցուցած խօսքերովը, հապա Հոգիին սորվեցուցածներովը եւ հոգեւոր բաները հոգեւորի հետ կը յարմարցնենք։ Իսկ շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են ու չի կրնար գիտնալ, վասն զի հոգեւոր կերպով կը քննուին։ Բայց ան որ հոգեւոր է՝ ամէն բան կը քննէ ու ինք մէկէն չի՛ քննուիր։ Քանզի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք։ Ե՛ղբայրներ, չկրցայ խօսիլ ձեզի՝ որպէս հոգեւորներու, հապա որպէս մարմնաւորներու, Որպէս Քրիստոսով տղայոց. ձեզի կաթ կերցուցի եւ ո՛չ թէ կերակուր, վասն զի դեռ կարող չէիք ու հիմա ալ տակաւին կարող չէք, վասն զի դեռ մարմնաւոր էք։ Որովհետեւ տակաւին ձեր մէջ նախանձ ու հակառակութիւն եւ բաժանումներ կան. Չէ՞ որ մարմնաւոր էք ու մարդկօրէն կը քալէք։ Քանզի երբ ձեզմէ մէկը ըսէ թէ՝ «Ես Պօղոսեան եմ» եւ միւսը՝ թէ «Ես Ապօղոսեան», չէ՞ որ մարմանւոր էք։ Բայց ո՞վ է Պօղոս կամ ո՞վ է Ապօղոս։ Պաշտօնեաներ են, որոնցմով հաւատացիք եւ ինչպէս Տէրը տուաւ անոնց ամէն մէկուն։ Ես տնկեցի, Ապօղոս ջուր տուաւ, բայց Աստուած աճեցուց։ Ուստի ո՛չ տնկողը բան մըն է եւ ո՛չ ջուր տուողը, հապա Աստուած՝ որ աճեցուց։ Տնկողը ու ջուր տուողը մէկ են եւ ամէն մէկը իր վարձքը պիտի առնէ իր աշխատութեան չափովը։ Վասն զի մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինութիւնն էք։ Աստուծոյ շնորհքին չափովը, որ ինծի տրուեցաւ, իմաստուն ճարտարապետի մը պէս հիմ դրի, բայց անոր վրայ շինողը ուրիշ է. միայն թէ ամէն մէկը թող զգուշանայ թէ ի՛նչպէս կը շինէ։ Վասն զի մէկը ա՛լ ուրիշ հիմ չի կրնար դնել դրուածէն զատ, որ է Յիսուս Քրիստոսը։ Եթէ մէկը այս հիմին վրայ շինելու գործածէ ոսկի, արծաթ, պատուական քարեր, փայտ, խոտ, եղէգ, Ամէն մէկուն գործը յայտնի պիտի ըլլայ. քանզի օրը երեւան պիտի հանէ, վասն զի կրակով պիտի յայտնուի եւ ամէն մէկուն գործին ի՛նչ տեսակ ըլլալը կրակը պիտի փորձէ։ Եթէ մէկուն շինած գործը մնայ, ինք վարձք պիտի առնէ. Եւ եթէ մէկուն շինածը այրի, անիկա վնաս պիտի քաշէ. բայց ինք պիտի ազատի, սակայն այնպէս՝ իբր թէ կրակի մէջէն ելած է։ Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի։ Եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը ապականէ, Աստուած ալ զանիկա պիտի ապականէ, վասն զի Աստուծոյ տաճարը սուրբ է եւ դուք էք այդ տաճարը։ Չըլլայ որ մէկը ինքզինք խաբէ։ Եթէ ձեզմէ մէկը զինք իմաստուն սեպէ այս աշխարհի մէջ, թող յիմար ըլլայ՝ որպէս զի իմաստուն ըլլայ։ Վասն զի այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ առջեւ յիմարութիւն է. վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիկա իմաստունները իրենց խորամանկութեան մէջ կը բռնէ»։ Եւ դարձեալ՝ թէ «Տէրը գիտէ իմաստուններուն խորհուրդները, որոնք ունայն են»։ Ուրեմն մէ՛կը թող չպարծենայ մարդոցմով. Վասն զի ամէն բան ձերն է. թէ՛ Պօղոս, թէ՛ Ապօղոս, թէ՛ Կեփաս, թէ՛ աշխարհ, թէ՛ կեանք, թէ՛ մահ, թէ՛ ներկայ բաները եւ թէ՛ գալիքները. ամէն բան ձերն է. Դուք ալ Քրիստոսինն էք եւ Քրիստոս՝ Աստուծոյ։ Թող մարդիկ մեզ այնպէս սեպեն, որպէս թէ Քրիստոսին սպասաւորները ու Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները։ Ուստի տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ։ Բայց ինծի ասիկա ոչինչ բան մըն է, որ ձեզմէ դատուիմ, կամ մարդոց դատաստանէն, մանաւանդ որ ես ալ իմ անձս չեմ դատեր. (Վասն զի ես իմ անձիս վրայով բան մը չեմ գիտեր. բայց ոչ թէ ասով կ’արդարանամ.) հապա զիս դատողը Տէրն է։ Ուրեմն ժամանակէն առաջ դատաստան մի՛ ընէք, մինչեւ գայ Տէրը՝ որ խաւարին գաղտնիքը լոյսի պիտի հանէ ու սրտերուն խորհուրդները յայտնի պիտի ընէ եւ այն ատեն ամէն մէկուն գնահատութիւնը Աստուծմէ պիտի ըլլայ։ Ասոնք օրինակ բերի, ե՛ղբայրներ, իմ վրաս ու Ապօղոսին վրայ ձեզի համար, որպէս զի դուք մեզմէ սորվիք մարդոց վրայով գրուածէն աւելի բան մը չխորհիլ, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը հպարտանայ մէկուն համար ուրիշի մը դէմ։ Քանզի ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն եւ ի՞նչ ունիս որ չես առեր եւ եթէ առիր, ինչո՞ւ չառածի պէս կը պարծենաս։ Արդէն կշտացաք, արդէն հարստացաք, առանց մեզի թագաւորեցիք եւ երանի՜ թէ թագաւորէիք, որպէս զի մենք ալ ձեզի հետ թագաւորէինք, Քանզի Աստուած յետիններ ըրաւ մեզ առաքեալներս՝ մահապարտներուն նման. վասն զի տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց։ Մենք յիմարներ ենք Քրիստոսին համար։ Իսկ դուք իմաստուններ՝ Քրիստոսով։ Մենք՝ տկար, դուք՝ զօրաւոր։ Դուք՝ փառաւորեալ, իսկ մենք՝ անարգեալ։ Մինչեւ այսօր կ’անօթենանք ալ, կը ծարաւինք ալ, մերկ ալ կը մնանք, կը ծեծուինք ալ, աստանդական ալ կը պտըտինք Եւ մեր ձեռքերով կ’աշխատինք. երբ մեզ նախատեն՝ կ’օրհնենք. երբ կը հալածեն՝ կը համբերենք. Երբ գէշ խօսին՝ կ’աղաչենք։ Իբրեւ աշխարհի աղտեղութիւնը՝ ամենէն անարգը եղանք մինչեւ հիմա։ Այս բաները կը գրեմ՝ ո՜չ թէ ձեզ ամչցնելու համար, հապա կը խրատեմ ձեզ սիրելի որդիներուս պէս։ Վասն զի թէեւ դուք տասը հազար վարժապետներ ունենաք Քրիստոսով, բայց ո՛չ թէ շատ հայրեր կ’ունենաք, քանզի Քրիստոս Յիսուսին աւետարանով ես ձեզ ծնայ։ Ուրեմն կ’աղաչեմ ձեզի, ինծի նմանող եղէ՛ք։ Ասոր համար ձեզի ղրկեցի Տիմոթէոսը, որ իմ սիրելի որդիս է ու Տէրոջմով հաւատարիմ. որ ձեր միտքը պիտի ձգէ Քրիստոսով իմ բռնած ճամբաներս, ինչպէս ամէն տեղ բոլոր եկեղեցիներուն կը սորվեցնեմ։ Մէկ քանիները հպարտացան, խորհելով թէ ես պիտի չգամ ձեզի։ Բայց շուտով պիտի գամ ձեզի, եթէ Տէրը կամենայ եւ պիտի հասկնամ ո՛չ թէ հպարտացողներուն խօսքերը, հապա զօրութիւնը։ Վասն զի Աստուծոյ թագաւորութիւնը ո՛չ թէ խօսքով է, հապա զօրութիւնով։ Ի՞նչպէս կ’ուզէք. գաւազանո՞վ գամ ձեզի, թէ սիրով եւ հեզութեան հոգիով։ Առ հասարակ կը լսուի թէ ձեր մէջ պոռնկութիւն կայ եւ այնպիսի պոռնկութիւն՝ որ հեթանոսներուն մէջ ալ չկայ, որպէս թէ մէկը իր խորթ մայրը կ’ունենայ։ Ու դուք հպարտացեր էք, փոխանակ սուգ ընելու, որ ձեր մէջէն վերցուի այս բանը։ Վասն զի թէպէտ ես մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ներկայ եմ. ուստի հիմա որպէս թէ ներկայ ըլլալով՝ որոշեցի որ այս բանը ընողը, Երբ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը մէկտեղ հաւաքուիք դուք ու իմ հոգիս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնովը, Այնպիսին Սատանային մատնէք, մարմնին կորսուելուն համար, որպէս զի հոգին փրկուի Տէր Յիսուսին օրը։ Այդ ձեր պարծենալը աղէկ չէ։ Չէ՞ք գիտեր թէ քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։ Հեռացուցէ՛ք հին խմորը մէկդի, որպէս զի ըլլաք նոր զանգուած, առանց թթխմորի։ Վասն զի Քրիստոս մեր զատիկը մեզի համար զոհուեցաւ։ Ուստի տօն կատարենք ո՛չ թէ հին խմորով եւ ո՛չ թէ չարութեան ու անզգամութեան խմորով, այլ անկեղծութեան, ճշմարտութեան անխմոր հացովը։ Գրեցի ձեզի թուղթին մէջ, որ պոռնիկներուն հետ չխառնուիք։ Եւ գրածս ՝ ոչ թէ աշխարհի պոռնիկներուն, ագահներուն, յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն հետ. ապա թէ ոչ՝ պէտք էր որ դուք աշխարհէ դուրս ելլէիք։ Բայց հիմա ձեզի գրեցի չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք։ Վասն զի ի՞նչպէս դուրսինները դատեմ։ Չէ՞ որ դուք ներսինները կը դատէք. Իսկ դուրսինները Աստուած պիտի դատէ. ուստի չարը ձեր մէջէն վերցուցէք։ Ձեզմէ մէկը, եթէ բան մը ունենայ իր ընկերին հետ, կը համարձակի անիրաւներո՞ւն առջեւ դատուիլ, թէ սուրբերուն առջեւ։ Չէ՞ք գիտեր թէ սուրբերը պիտի դատեն աշխարհը. եթէ աշխարհ ձեզմէ կը դատուի, ուրեմն արժանի չէ՞ք այդ չնչին դատերը որոշելու ։ Չէ՞ք գիտեր թէ մենք հրեշտակներ պիտի դատենք. ո՞ւր կը մնան հապա աշխարհայինները։ Ուրեմն եթէ ձեր մէջ աշխարհային դատեր ունիք, եկեղեցիին անարգները ձեզի դատաւոր դրէք։ Ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ. իրա՞ւ ձեր մէջ իմաստուն մը չկայ, որ կարող ըլլայ իրաւունքը որոշել իր եղբայրներուն մէջ։ Պէ՞տք է եղբօր հետ դատի մտնել, այն ալ անհաւատներուն առջեւ։ Արդարեւ բոլորովին յանցանք մըն է որ իրարու հետ դատեր կ’ունենաք. ինչո՞ւ դուք անիրաւութիւն չէք կրեր, ինչո՞ւ դուք զրկանք չէք քաշեր։ Բայց դուք անիրաւութիւն ու զրկանք կ’ընէք եւ այն ալ եղբայրներո՞ւն։ Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, Ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։ Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք, բայց սրբուեցաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսին անունովը ու մեր Աստուծոյն Հոգիովը։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ես բանի մը իշխանութեան տակ պիտի չըլլամ։ Կերակուրները փորին համար են, փորն ալ կերակուրներուն. բայց Աստուած աս ալ, անոնք ալ պիտի խափանէ։ Իսկ մարմինը պոռնկութեան համար չէ, հապա՝ Տէրոջը ու Տէրը՝ մարմնին համար։ Եւ Աստուած որ Տէրը յարուցանեց, մեզ ալ պիտի յարուցանէ իր զօրութիւնովը։ Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսին անդամներն են։ Քրիստոսին անդամները առնելով պոռնիկի անդամնե՞ր ընեմ։ Քա՛ւ լիցի։ Չէ՞ք գիտեր թէ ան որ պոռնիկի կը մօտենայ, անոր հետ մէկ մարմին կ’ըլլայ. քանզի գիրքը կ’ըսէ. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Իսկ ան որ Տէրոջը կը մօտենայ, անոր հետ մէկ հոգի կ’ըլլայ։ Պոռնկութենէն փախէք։ Ամէն մեղք, որ մարդ կը գործէ, իր մարմնէն դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ։ Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին, որ ձեր մէջն է, որ Աստուծմէ առած էք ու դուք ձեր անձին տէրը չէք. Քանզի գնով ծախու առնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմիններուն ու հոգիներուն մէջ, որոնք Աստուծոյ կը պատկանին։ Արդ՝ այն բաներուն համար, որ դուք ինծի գրեցիք, աղէկ է մարդուս որ կնոջ չմօտենայ։ Բայց պոռնկութիւնը արգիլելու համար ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ ու ամէն կին՝ իր այրը։ Այրը թող իր կնոջ պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ՝ իր էրկան։ Կինը իր մարմնին չիշխեր, հապա այրը. նոյնպէս այրն ալ իր մարմնին չիշխեր, հապա՝ կինը։ Մէկզմէկ մի՜ զրկէք, եթէ ոչ՝ միաբանութեամբ ատեն մը, աղօթքի պարապելու համար ու նորէն իրարո՛ւ դարձէք, որպէս զի Սատանան ձեզ չփորձէ ձեր անժուժկալութեան համար։ Աս կ’ըսեմ խրատելով, ո՛չ թէ հրամայելով։ Քանզի կ’ուզէի, որ բոլոր մարդիկ ինծի պէս ըլլային. բայց ամէն մէկը իր պարգեւը ունի Աստուծմէ, մէկը՝ այսպէս ու միւսը՝ այնպէս։ Բայց չամուսնացածներուն ու որբեւարիներուն կ’ըսեմ. «Աղէկ է անոնց՝ եթէ ինծի պէս կենան»։ Բայց եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան, վասն զի աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ։ Բայց ամուսնացածներուն կը պատուիրեմ. ո՛չ թէ ես, հապա՝ Տէրը, որ կինը այրէն չզատուի։ (Իսկ եթէ զատուիլ ալ՝ առանց ամուսնանալու մնայ, կամ էրկան հետ հաշտուի,) ու այրը իր կինը թող չձգէ։ Բայց միւսներուն ալ ե՛ս կ’ըսեմ, ոչ թէ Տէրը. «Եթէ եղբայր մը անհաւատ կին ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։ Եւ կին մը որ անհաւատ այր ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա։ Վասն զի անհաւատ այրը սրբուած է կնոջմովը եւ անհաւատ կինը սրբուած է այրովը. ապա թէ ոչ՝ ձեր որդիները պիղծ պիտի ըլլային, բայց հիմա սուրբ են։ Իսկ եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի։ Եղբայր մը կամ քոյր մը այնպիսի պարագաներու մէջ գերի չէ. սակայն Աստուած խաղաղութեան կանչեց մեզ։ Քանզի ի՞նչ գիտես դուն, ո՛վ կին, թերեւս քու այրդ պիտի ապրեցնես. կամ դուն ի՞նչ գիտես, ո՛վ այր, թերեւս քու կինդ պիտի ապրեցնես։ Միայն թէ ամէն մէկուն ինչպէս Տէրը բաժնեց, ամէն մէկը ինչպէս Աստուած կանչեց, այնպէս թող երթայ։ Բոլոր եկեղեցիներուն ես այսպէս պատուէր կու տամ։ Եթէ թլփատուած մէկը հաւատքի կանչուեցաւ, թող թլփատութեան նշանները չփոխէ։ Եթէ չթլփատուածներէն մէկը կանչուեցաւ, թող չթլփատուի։ Վասն զի թլփատութիւնը բան մը չէ ու անթլփատութիւնն ալ բան մը չէ. հապա Աստուծոյ պատուիրանքները պահելն է էականը ։ Բայց ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ։ Ծառա՞յ էիր երբ կանչուեցար, հոգ մի՛ ըներ. բայց եթէ կրնաս ազատ ըլլալ, զայն ընտրէ։ Վասն զի այն ծառան որ Տէրոջմով կանչուած է, Տէրոջմէ ազատագրուած է անիկա. նոյնպէս այն ազատը որ կանչուած է, Քրիստոսին ծառան է։ Դուք գնով ծախու առնուեցաք, մարդոց ծառայ մի՛ ըլլաք։ Ե՛ղբայրներ, ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ Աստուծոյ առջեւ։ Բայց կոյսերուն համար Տէրոջմէն հրաման մը չունիմ, միայն թէ Տէրոջը շնորհքով խրատ կու տամ, որ վստահելի է։ Ուրեմն ես կը խորհիմ թէ ասիկա աղէկ է հիմակուան նեղութեանը համար, այսինքն՝ աղէկ է մարդուս որ մնայ այնպէս, ինչպէս որ է։ Կապուա՞ծ ես կնոջ, մի՛ փնտռեր արձակուիլ։ Արձակուա՞ծ ես կնոջմէ, կին մի՛ փնտռեր։ Իսկ եթէ ամուսնանաս՝ չես մեղանչեր եւ եթէ կոյսը ամուսնանայ՝ չի մեղանչեր։ Բայց այնպիսիները մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան. սակայն ես ձեզի կը խնայեմ։ Բայց ա՛յս կ’ըսեմ, ե՛ղբայրներ, թէ որոշումի ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին Եւ անոնք որ կու լան՝ որպէս թէ չեն լար ու անոնք որ կը խնդան՝ որպէս թէ չեն խնդար եւ անոնք որ ծախու կ’առնեն՝ որպէս թէ բան մը չունին Եւ անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր. վասն զի այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի։ Բայց ես կ’ուզեմ որ դուք անհոգ ըլլաք. վասն զի չամուսնացած մարդը Տէրոջը գործով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս Տէրոջը հաճելի ըլլայ։ Իսկ ամուսնացածը աշխարհիս բաներով մտահոգ է, թէ ի՞նչպէս իր կնոջ հաճելի ըլլայ։ Եւ ամուսնացած կինը ու կոյսը կը տարբերին իրարմէ. վասն զի կոյսը Տէրոջը բաներով կը մտահոգուի, որպէս զի ինք սուրբ ըլլայ հոգիով ու մարմնով. իսկ ամուսնացած կինը՝ աշխարհիս բաներով կը մտահոգուի, թէ ի՞նչպէս իր էրկանը հաճելի ըլլայ։ Բայց այս բանը ձեր օգտին համար կ’ըսեմ, ո՛չ թէ ձեր վրայ ճնշում կը բանեցնեմ, հապա պարկեշտութեան համար ու առանց զբաղումի Տէրոջը ծառայելու համար։ Իսկ եթէ մէկը ամօթ կը սեպէ որ իր կոյսը ամուսնութեան տարիքը անցուցեր է ու պէտք է ամուսնանայ (այս է բնականը), թող ամուսնացնէ, մեղք չի գործեր։ Բայց ան որ իր սրտին մէջ հաստատ կը կենայ ու իր վրայ ճնշում չկայ, ինք իր կամքին վրայ իշխանութիւն ունի ու իր սրտին մէջ որոշեր է որ կոյս մնայ, աղէկ կ’ընէ։ Ուստի ան որ իր կոյսը կ’ամուսնացնէ, աղէկ կ’ընէ ու ան որ չամուսնացներ աւելի աղէկ կ’ընէ։ Կինը կապուած է որչափ ժամանակ որ իր այրը ողջ է. բայց եթէ իր այրը մեռնի, ազատ է ամուսնանալու որու հետ որ ուզէ, միայն թէ Տէրոջմով։ Բայց իմ կարծիքովս՝ աւելի երանելի է եթէ այնպէս կենայ։ Կարծեմ թէ ե՛ս ալ Աստուծոյ Հոգին ունիմ։ Կուռքերուն զոհերուն վրայով՝ գիտենք թէ ամէնքս ալ գիտութիւն ունինք։ Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը շինութիւն կ’ընէ։ Եթէ մէկը կը կարծէ թէ բան մը գիտէ, իրապէս բան մը չի գիտեր՝ ինչպէս պէտք է գիտնար։ Իսկ եթէ մէկը Աստուած կը սիրէ, ինք անկէ ճանչցուած է։ Ուստի կուռքերու զոհուածները ուտելու վրայով՝ գիտենք թէ կուռքը ոչինչ է աշխարհի մէջ եւ թէ մէկէն զատ ուրիշ Աստուած չկայ։ Քանզի թէեւ ըլլան ալ անունով աստուածներ, թէ՛ երկինքը եւ թէ՛ երկրի վրայ, (ինչպէս կան շատ աստուածներ ու շատ տէրեր,) Բայց մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը՝ որմէ են բոլոր բաները եւ մենք ալ անով ու մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որմէ են բոլոր բաները ու մենք ալ անով։ Բայց ամէնքը նոյն գիտութիւնը չունին։ Ոմանք կուռքին վրայ նոյն կարծիքը չունին։ Միսը կ’ուտեն կուռքերու զոհուածի պէս, որովհետեւ իրենց խղճմտանքը տկար է, կը պղծուի։ Սակայն կերակուրը մեզ Աստուծոյ առջեւ չի կեցներ, քանզի եթէ ուտենք չենք աւելնար եւ եթէ չուտենք չենք պակսիր։ Բայց զգո՛յշ կեցէք, որ չըլլայ թէ ձեր ազատութիւնը տկարներուն գայթակղութիւն ըլլայ։ Քանզի եթէ մէկը տեսնէ քեզ, որ գիտութիւն ունիս եւ կռատունի մէջ սեղան նստած ես, չէ՞ որ այն տկար խղճմտանք ունեցող մարդն ալ համարձակութիւն պիտի ունենայ կուռքերու զոհուածը ուտելու Եւ քու գիտութիւնովդ այդ տկար եղբայրը կրնայ կորսուիլ, որուն համար Քրիստոս մեռաւ։ Այսպէս՝ եղբայրներուն դէմ մեղանչելով ու անոնց տկար խղճմտանքը վիրաւորելով՝ Քրիստոսին դէմ կը մեղանչէք։ Ուստի եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ իմ եղբայրս, միս պիտի չուտեմ յաւիտեան՝ որպէս զի իմ եղբայրս չգայթակղեցնեմ։ Չէ՞ որ ես առաքեալ եմ. չէ՞ որ ես ազատ եմ. չէ՞ որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը աչքովս տեսայ. չէ՞ որ դուք իմ գործս էք Տէրոջմով։ Թէպէտ ուրիշներուն առաքեալ չըլլամ ալ, բայց անտարակոյս ձեզի եմ. վասն զի իմ առաքելութեանս կնիքը դուք էք Տէրոջմով։ Իմ պատասխանս անոնց որ զիս կը քննեն, այս է. «Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք ուտելու եւ խմելու։ Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք Քրիստոսով քոյր եղող կին մը մեզի հետ պտըտցնելու, ինչպէս միւս առաքեալներն ու Տէրոջը եղբայրները ու Կեփաս կ’ընեն ։ Միթէ ես ու Բառնաբա՞սը միայն իրաւունք չունինք չգործելու։ Ո՞վ իր ապրուստով զինուորութիւն կ’ընէ. ո՞վ այգի կը տնկէ ու անոր պտուղէն չուտեր, կամ ո՞վ աչխարներ կ’արածէ ու ոչխարներուն կաթէն չուտեր։ Միթէ մարդկօրէ՞ն կ’ըսեմ այս բաները, կամ չէ՞ որ օրէնքն ալ նոյնը կ’ըսէ։ Քանզի Մովսէսին օրէնքին մէջ ալ գրուած է. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր»։ Միթէ Աստուած միայն եզե՞րը կը հոգայ. Չէ՞ որ մասնաւորաբար մեզի համար կ’ըսէ. վասն զի մեզի համար գրուեցաւ. որովհետեւ ան որ կը հերկէ՝ պէտք է որ յոյսով հերկէ եւ ան որ ցորենը կը ծեծէ՝ պէտք է որ վայլելու յոյսով՝ ՝ ընէ ։ Եթէ մենք ձեզի հոգեւոր բաներ սերմանեցինք, մե՞ծ բան է՝ եթէ ձեզմէ մարմնաւոր բաներ հնձենք։ Եթէ ուրիշները ձեր վրայ այս իրաւունքը ունին, չէ՞ որ ալ աւելի մե՛նք. բայց մենք այս իրաւունքը չգործածեցինք, հապա ամէն բանի համբերեցինք, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին արգելք մը չըլլանք։ Չէ՞ք գիտեր թէ տաճարին մէջ աշխատողները տաճարէն կ’ուտեն ու անոնք որ սեղանին պաշտօնեաներն են՝ սեղանէն բաժին կ’առնեն։ Նոյնպէս ալ Տէրը հրաման տուաւ, որ աւետարանը քարոզողները աւետարանէն ապրին։ Բայց ես այս իրաւունքներէն մէ՛կը չգործածեցի, ո՛չ ալ այդ բաները գրեցի ինծի համար. քանզի աւելի աղէկ է ինծի որ մեռնիմ, քան թէ մէկը իմ պարծանքս պարապ հանէ։ Վասն զի եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք չէ, իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ։ Քանզի եթէ ասիկա կամաւ ընեմ, վարձք կ’ունենամ. իսկ եթէ ակամայ՝ ան ինծի յանձնուած տնտեսութիւն մըն է։ Ուրեմն ի՞նչ վարձք կ’ըլլայ ինծի. այս կ’ըլլայ որ քարոզելու ատենս Քրիստոսին աւետարանը ձրի տամ որ չըլլայ թէ աւետարանին մէջ իմ իրաւունքս գէշ կերպով գործածեմ։ Քանզի թէեւ ես ամենէն ազատ էի, բայց իմ անձս ամենուն ծառայ ըրի, որպէս զի շատերը շահիմ։ Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, որպէս զի Հրեաները շահիմ, Օրէնքի տակ եղողներուն հետ օրէնքի տակ եղողի պէս եղայ, [ոչ թէ ես օրէնքի տակ էի,] որպէս զի օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ. օրէնքի տակ չեղողներուն հետ օրէնքի տակ չեղողի պէս եղայ, (ոչ թէ ես Աստուծմէն օրէնք չունէի, հապա Քրիստոսին օրէնքին տակ էի,) որպէս զի օրէնք չունեցողներն ալ շահիմ. Տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէս զի տկարները շահիմ. ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ։ Եւ ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէս զի անոր կցորդ ըլլամ։ Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք։ Ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը պահէ։ Անոնք եղծանելի պսակը առնելու համար ու մենք՝ անեղծանելին։ Ուստի ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով. Բայց իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ։ Չեմ ուզեր որ չգիտցողի պէս ըլլաք, եղբա՛յրներ, որ մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին տակ էին ու ամէնքն ալ ծովէն անցան Եւ ամէնքն ալ Մովսէսով մկրտուեցան ամպին ու ծովին մէջ Եւ ամէնքն ալ նոյն հոգեւոր կերակուրը կերան Ու ամէնքն ալ նոյն հոգեւոր խմելիքը խմեցին, վասն զի կը խմէին այն հոգեւոր վէմէն, որ անոնց հետ կ’երթար ու այն վէմը Քրիստոսն էր։ Բայց անոնցմէ շատերուն չհաւնեցաւ Աստուած, ատոր համար անապատին մէջ փռուած ինկան։ Ու այն բաները մեզի օրինակ եղան, որպէս զի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին։ Ոչ ալ կռապաշտ ըլլանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք եղան։ Ինչպէս գրուած է. «Ժողովուրդը նստաւ ուտելու եւ խմելու ու ելան խաղալու»։ Պոռնկութիւն չընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պոռնկացան ու մէկ օրուան մէջ քսանըերեք հազար հոգի ինկան։ Քրիստոսը չփորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին ու օձերէն խայթուելով մեռան։ Եւ մի՛ տրտնջէք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջեցին ու սատակիչէն ջարդուեցան։ Բայց այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան։ Ուստի ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ։ Ձեզի մարդկային փորձութենէն զատ ուրիշ բան չէ պատահած. բայց Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզ պիտի չթողու որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, հապա փորձութեանը հետ ազատութեան միջոց մըն ալ պիտի տայ, որպէս զի կարող ըլլաք համբերել։ Անոր համար, իմ սիրելիներս, կռապաշտութենէ փախէք։ Որպէս թէ իմաստուններու հետ կը խօսիմ. դուք դատեցէք ինչ որ կ’ըսեմ։ Օրհնութեան գաւաթը՝ որ մենք կ’օրհնենք չէ՞ որ Քրիստոսին արեան հաղորդութիւնն է. հացը որ մենք կը կտրենք, չէ՞ որ Քրիստոսին մարմնին հաղորդութիւնն է։ Քանզի մենք շատերս մէկ հաց մէկ մարմին ենք, վասն զի ամէնքս ալ այդ մէկ հացէն կը վայելենք։ Նայեցէք մարմնաւոր Իսրայէլին։ Չէ՞ որ զոհուածներ ուտողները անոնց սեղանին հաղորդակից կ’ըլլան։ Ուրեմն ի՞նչ ըսեմ. կուռքը բա՞ն մըն է, կամ կուռքերու զոհուածը բա՞ն մըն է։ Բայց այս կ’ըսեմ թէ՝ այն բաները որոնք հեթանոսները զոհ կ’ընեն, դեւերուն կը զոհեն ու ո՛չ թէ՝ Աստուծոյ ու չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդակից ըլլաք. չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը. Չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն։ Նախանձի՞ գրգռնեք Տէրը. միթէ մենք անկէ զօրաւո՞ր ենք։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան՝ օգտակար։ Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան շինութիւն կ’ընէ։ Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ ։ Ամէն ինչ որ սպանդանոցին մէջ կը ծախուի՝ կերէք ու քննութիւն մի՛ ընէք խղճմտանքի համար. Վասն զի երկիրը իր լիութիւնովը Տէրոջն է։ Եւ եթէ անհաւատներէն մէկը ձեզ կերակուրի հրաւիրէ եւ ուզէք երթալ, ամէն ինչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք առանց խղճահարուելու։ Բայց եթէ մէկը ձեզի ըսէ թէ՝ ‘Ատիկա կուռքի զոհուած է’, այն ատեն անոր համար որ ձեզի իմացուց ու անոր խղճմտանքին համար մի՛ ուտէք. Սակայն խղճմտանք կ’ըսեմ՝ ո՛չ թէ ձերը, հապա ընկերինը։ Բայց ինչո՞ւ իմ ազատութիւնս պիտի կաշկանդուի ուրիշին խղճմտանքին համար։ Եթէ ես շնորհակալութեամբ կը վայելեմ՝ ինչո՞ւ համար հայհոյեն ինծի, քանի որ կը գոհանամ։ Արդ՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք։ Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ Հրեաներուն, ո՛չ հեթանոսներուն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիին։ Ինչպէս ես ալ ամէն կերպով ամենուն հաճոյ կ’ըլլամ ու չեմ փնտռեր իմ անձիս օգուտը, հապա շատերունը՝ որպէս զի փրկուին։ Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին։ Արդ ձեզ կը գովեմ, ե՛ղբայրներ, որ ամէն բանի մէջ զիս կը յիշէք ու պատուէրներս կը պահէք՝ ինչպէս ես ձեզի աւանդեցի։ Բայց կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած։ Ամէն այր մարդ, որ գլուխը գոց աղօթքի կը կայնի կամ մարգարէութիւն կ’ընէ, անպատիւ կ’ընէ իր գլուխը։ Եւ ամէն կին, որ գլուխը բաց աղօթքի կը կայնի կամ մարգարէութիւն կ’ընէ, անպատիւ կ’ընէ իր գլուխը. վասն զի այնպէս կը սեպուի որպէս թէ ածիլուած էր։ Վասն զի եթէ կինը չծածկուիր, թող իր մազերն ալ կտրէ. իսկ եթէ ամօթ է կնոջ մը իր մազերը կտրելը կամ ածիլուիլը, թող ծածկուի։ Այր մարդուն պէտք չէ գլուխը ծածկել, վասն զի Աստուծոյ պատկերն ու փառքն է. բայց կինը իր էրկանը փառքն է։ Քանզի ո՛չ թէ այր մարդը կնոջմէն է, հապա կինը՝ այր մարդէն։ Վասն զի այր մարդը չստեղծուեցաւ կնոջը համար, հապա կինը՝ էրկանը համար։ Այս պատճառաւ պէտք է որ կինը իր գլխուն շուք դնէ հրեշտակներուն համար. Բայց ո՛չ կինը առանց այր մարդու կ’ըլլայ ու ո՛չ այր մարդը՝ առանց կնոջ՝ Տէրոջմով։ Վասն զի ինչպէս կինը այր մարդէն է նոյնպէս այր մարդը կնոջ միջոցաւ, բայց ամէնքը Աստուծմէ։ Դուք ձեզմէ դատեցէք. կնոջ կը վայլէ՞ գլուխը բաց աղօթքի կայնիլ Աստուծոյ առջեւ. Չէ՞ որ բնութիւնն ալ կը սորվեցնէ ձեզի թէ այր մարդ մը եթէ երկար մազերով է, իրեն անարգանք է. Բայց կինը եթէ երկար մազերով է, իրեն փառք է. վասն զի մազերը ծածկոցի տեղ տրուած են իրեն։ Սակայն եթէ մէկը հակառակիլ ուզէ անոր, մենք այնպիսի սովորութիւն չունինք, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիները։ Բայց ասիկա պատուիրելով ձեզ չեմ գովեր, վասն զի ձեր հաւաքուիլը ո՛չ թէ աղէկ՝ հապա գէշ արդիւնք կ’ունենայ։ Նախ՝ երբ մէկտեղ հաւաքուիք եկեղեցիին մէջ կը լսեմ թէ բաժանումներ կան ձեր մէջ եւ մասամբ կը հաւատամ։ Վասն զի հարկաւ ձեր մէջ հերձուածներ ալ պիտի ըլլան, որպէս զի ձեր մէջ եղող ընտիրները երեւնան։ Ուստի դուք որ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ատիկա Տէրունական ընթրիքը ուտել չէ. Վասն զի ուտելու ատեն ամէն ոք աճապարանքով ընթրիքը կ’առնէ։ Մէկը անօթի կը մնայ ու միւսը կը գինովնայ։ Միթէ ուտելու եւ խմելու համար տուն չունի՞ք, կամ թէ Աստուծոյ եկեղեցի՞ն կ’անարգէք եւ կ’ամչցնէք չքաւորները։ Ձեզի ի՞նչ ըսեմ, ձեզ գովե՞մ։ Այդ բանին համար չեմ գովեր։ Վասն զի ես Տէրոջմէն ընդունեցի զայն, որ ձեզի ալ աւանդեցի՝ թէ՝ Տէր Յիսուս իր մատնուած գիշերը հաց առաւ Եւ գոհանալով՝ կտրեց ու ըսաւ. ‘Առէ՛ք ու կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի կտրուի. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար’։ Նոյնպէս ալ գաւաթը ընթրիքէն յետոյ առաւ ու ըսաւ. ‘Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս. ասիկա ըրէք քանի անգամ որ խմելու ըլլաք՝ զիս յիշելու համար։ Վասն զի քանի անգամ որ այս հացը ուտէք ու այս գաւաթը խմէք, Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ’։ Ուստի ով որ այս հացը ուտէ կամ Տէրոջը գաւաթը խմէ անարժանաբար, պարտական պիտի ըլլայ Տէրոջը մարմնին եւ արիւնին։ Ուրեմն թող մարդ իր անձը փորձէ ու այսպէս այն հացէն ուտէ եւ այն գաւաթէն խմէ։ Վասն զի ան որ անարժանաբար կ’ուտէ ու կը խմէ, իր անձին դատապարտութիւնը կ’ուտէ ու կը խմէ, վասն զի Տէրոջը մարմնին իմաստը չորոշեր։ Ասոր համար ձեր մէջ շատ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ շատեր ալ կը ննջեն։ Վասն զի եթէ ինքզինքնիս դատելու ըլլայինք, պիտի չդատապարտուէինք։ Իսկ երբ կը դատուինք, Տէրոջմէն կը խրատուինք, որպէս զի աշխարհի հետ չդատապարտուինք։ Ուստի, եղբայրներս, երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք ուտելու, իրարու սպասեցէք Իսկ եթէ մէկը անօթի է՝ թող իր տանը մէջ ուտէ, որ չըլլայ թէ դատապարտութեան համար հաւաքուիք։ Ուրիշ պատուէրներ ձեզի եկած ատենս պիտի հաղորդեմ։ Հոգեւոր պարգեւ ներուն վրայով չեմ ուզեր, ե՛ղբայրներ, որ չգիտցող ըլլաք։ Դուք գիտէք թէ՝ երբ հեթանոս էիք, մունջ կուռքերուն կը տարուէիք ինչպէս կ’առաջնորդուէիք։ Ուստի այս ձեզի կ’իմացնեմ թէ մէկը չկայ որ Աստուծոյ Հոգիովը խօսի ու Յիսուսին նզովեալ ըսէ։ Եւ մէկն ալ չի կրնար Յիսուսը Տէր կոչել՝ եթէ ոչ Սուրբ Հոգիով։ Պարգեւները զանազան են, բայց տուողը նոյն Հոգին է։ Նաեւ պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրը կու տայ։ Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց նոյն Աստուածն է՝ որ կը ներգործէ ամէնքը ամէն բանի մէջ։ Բայց ամէն մէկուն Հոգիին յայտնութիւնը տրուած է բոլորին շահուն համար։ Մէկուն՝ Հոգիով իմաստութեան խօսք տրուած է, ուրիշին՝ գիտութեան խօսք, նոյն Հոգիին տուած չափովը. Միւսին՝ հաւատք՝ նոյն Հոգիով. ուրիշին՝ բժշկութեան պարգեւներ՝ նոյն Հոգիով. Ուրիշին՝ հրաշագործութիւններ, ուրիշին՝ մարգարէութիւն, ուրիշին՝ հոգիներու ընտրութիւն, ուրիշին՝ զանազան լեզուներ, ուրիշին՝ լեզուներու թարգմանութիւն։ Այս ամէնը միեւնոյն Հոգին կը նորգործէ եւ ամէն մէկուն զատ զատ կը բաժնէ՝ ինչպէս ուզէ։ Քանզի ինչպէս մարմինը մէկ է եւ շատ անդամներ ունի եւ այն մարմնին բոլոր անդամները, թէեւ շատ են, բայց մէկ մարմին են, նոյնպէս Քրիստոս ալ։ Վասն զի մենք ամէնքս մէ՛կ Հոգիով մէ՛կ մարմին ըլլալու մկրտուեցանք, թէ՛ Հրեաներ, թէ՛ հեթանոսներ, թէ՛ ծառաներ, թէ՛ ազատներ, եւ ամէնքս ալ մէ՛կ Հոգիէ խմեցինք։ Վասն զի մարմինը մէկ անգամ չէ, հապա շատ։ Եթէ ոտքը ըսէ՝ ‘Որովհետեւ ես ձեռք չեմ՝ մարմինէն չեմ’, ատիկա պատճառ մը չէ, որ ալ մարմինէն չըլլայ։ Եթէ ականջը ըսէ. ‘Որովհետեւ ես աչք չեմ՝ մարմինէն չեմ’, ատով չի դադրիր մարմինէն ըլլալէ։ Եթէ բոլոր մարմինը աչք ըլլար, լսելիքը ո՞ւր պիտի ըլլար եւ եթէ բոլորը լսելիք ըլլար, ո՞ւր պիտի ըլլար հոտոտելիքը։ Բայց Աստուած անդամներ դրաւ՝ մէկ մարմնի մէջ, ինչպէս ինքը ուզեց։ Բայց եթէ ամէնքը միայն մէկ անգամ ըլլային, մարմինը ո՞ւր պիտի ըլլար։ Բայց հիմա անդամները շատ են, իսկ մարմինը՝ մէկ։ Չի կրնար աչքը ըսել ձեռքին թէ՝ ‘Դուն ինծի պէտք չես եւ ոչ ալ գլուխը՝ ոտքերուն՝ թէ ‘Դուք ինծի պէտք չէք’։ Մասնաւորաբար մարմնին այն անդամները որոնք շատ տկար կ’երեւնան, աւելի հարկաւոր են. Մարմնին այն անդամները որոնք յաւէտ անպատիւ կը սեպենք, անոնց աւելի պատիւ կու տանք ու այսպէս մեր անվայելուչ անդամ ները աւելի վայելչութիւն ունին։ Ու մեր վայելուչ անդամ ներուն բան մը պէտք չէ. բայց Աստուած մարմինը բարեխառնեց ու պակասութիւն ունեցողին աւելի պատիւ տուաւ, Որպէս զի մարմնին մէջ երկպառակութիւն չըլլայ, հապա անդամները միեւնոյն խնամքը ունենան իրարու վրայ։ Եւ եթէ մէկ անդամը նեղութիւն կրէ, բոլոր անդամները կը նեղուին անոր հետ եւ եթէ մէկ անդամը փառաւորուի, բոլոր անդամները կ’ուրախանան անոր հետ։ Արդ՝ դուք Քրիստոսին մարմինն էք եւ իւրաքանչիւրը մաս կը կազմէ անոր մարմնին։ Եւ Աստուած եկեղեցիին մէջ դրաւ մէկ քանիները, նախ՝ առաքեալներ, երկրորդ՝ մարգարէներ, երրորդ՝ վարդապետներ, ետքը՝ հրաշքներ գործողներ, ետքը՝ բժշկելու պարգեւ ունեցողներ, օգնողներ, կառավարողներ, լեզուներ խօսողներ։ Միթէ ամէնքը առաքեալնե՞ր են. միթէ ամէնքը մարգարէնե՞ր են. միթէ ամէնքը վարդապետնե՞ր են. միթէ ամէնքը հրաշքնե՞ր կը գործեն. Միթէ ամէնքը բժշկութեան պարգեւնե՞ր ունին. միթէ ամէնքը լեզունե՞ր կը խօսին. միթէ ամէնքը թարգմանութի՞ւն կ’ընեն։ Բայց դուք նախանձաւոր եղէք այն շնորհքներուն համար, որոնք լաւագոյնն են եւ ես՝ ա՛լ աւելի աղէկ ճամբայ մը պիտի ցուցնեմ ձեզի։ Եթէ մարդոց ու հրեշտակներուն լեզուները խօսիմ եւ սէր չունենամ, ես ձայն տուող պղինձի պէս եղայ, կամ հնչող ծնծղաներու պէս ։ Եւ եթէ մարգարէութիւն ունենամ ու հասկնամ ամէն խորհուրդները ու ամէն գիտութիւնը եւ եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ։ Եւ եթէ իմ բոլոր ստացուածքս աղքատներուն կերցնեմ ու իմ մարմինս այրուելու տամ եւ սէր չունենամ, օգուտ մը չեմ ունենար։ Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, Անվայել վարմունք չունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, Անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ։ Սէրը բնա՛ւ չիյնար. բայց եթէ մարգարէութիւններ ըլլան՝ պիտի խափանին, եթէ լեզուներ՝ պիտի դադարին, եթէ գիտութիւն՝ պիտի խափանուի։ Վասն զի շատէն քիչը գիտենք ու շատէն քիչը կը մարգարէանանք. Բայց երբ կատարեալը գայ, այն ատեն շատէն քիչը պիտի խափանուի։ Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի։ Քանզի հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով, բայց այն ատեն երես առ երես։ Հիմա շատէն քիչ մը տեղեակ եմ, բայց այն ատեն այնպէս պիտի ճանչնամ՝ ինչպէս ճանչցուեցայ։ Ուստի հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է։ Սիրոյ ետեւէն գացէ՛ք ու հոգեւոր պարգեւ ներուն նախանձախնդիր եղէ՛ք, մանաւանդ մարգարէութիւն ընելու։ Վասն զի ան որ օտար լեզուով կը խօսի, ո՛չ թէ մարդոց կը խօսի, հապա Աստուծոյ. վասն զի մէկը չկայ որ իմանայ, բայց անիկա հոգիով խորհուրդները կը յայտնէ։ Սակայն ան որ կը մարգարէանայ, մարդոց կը խօսի՝ շինութիւն ու յորդորանք եւ մխիթարութիւն տալու ։ Ան որ օտար լեզուով կը խօսի՝ իր անձին շինութիւն կ’ընէ ու ան որ կը մարգարէանայ՝ եկեղեցիին շինութիւն կ’ընէ։ Կ’ուզեմ որ դուք ամէնքդ լեզուներ խօսիք, բայց մանաւա՛նդ մարգարէութիւն ընէք, վասն զի աւելի աղէկ է ան՝ որ կը մարգարէանայ, քան թէ ան՝ որ լեզուներ կը խօսի. բայց պէտք է թարգմանէ, որպէս զի եկեղեցին օգտուի։ Հիմա, եղբայրնե՛ր, եթէ ես ձեզի գամ լեզուներ խօսելով, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենամ ձեզի՝ եթէ չխօսիմ ձեզի կա՛մ յայտնութիւնով, կա՛մ գիտութիւնով, կա՛մ մարգարէութիւնով, կա՛մ վարդապետութիւնով։ Ձայն տուող անկենդան գործիքներն անգամ, թէ՛ սրինգ եւ թէ՛ քնար, եթէ ձայներու զանազանութիւն չունենան, ի՞նչպէս պիտի ճանչցուի սրինգով կամ քնարով հնչուածը։ Վասն զի եթէ փողն ալ անորոշ ձայն հանէ, ո՞վ պիտի պատրաստուի պատերազմի։ Նոյնպէս դուք ալ եթէ լեզուով բացայայտ խօսք չխօսիք, խօսուածը ի՞նչպէս պիտի հասկցուի. վասն զի օդին խօսողներ պիտի ըլլաք։ Ահա աշխարհի մէջ շատ տեսակ ձայներ կան, որոնցմէ ոեւէ մէկը առանց նշանակութեան չէ։ Ուստի եթէ այն ձայնին իմաստը չգիտնամ, ես խօսողին օտարական մը պիտի ըլլամ, խօսողն ալ ինծի օտարական մը պիտի ըլլայ։ Նոյնպէս դուք ալ, որովհետեւ հոգեւոր պարգեւ ներու նախանձախնդիր էք, եկեղեցիին շինութեանը համար խնդրեցէք որ աւելնաք նոյն պարգեւներովը ։ Անոր համար ան որ օտար լեզուով կը խօսի, աղօթք թող ընէ որ թարգմանէ ալ ։ Քանզի եթէ ես աղօթք ընեմ օտար լեզուով, իմ հոգիս աղօթք կ’ընէ, բայց միտքս անպտուղ է։ Ուրեմն ի՞նչ ընելու եմ։ Աղօթք ընեմ հոգիով, աղօթք ընեմ մտառութեամբ ալ. սաղմոս երգեմ հոգիով, սաղմոս երգեմ մտառութեամբ ալ։ Եթէ դուն հոգիով օրհնութիւն ընես, անիկա որ տգէտի պէս կայներ է, ի՞նչպէս «Ամէն» պիտի ըսէ քու գոհութիւն տալու ատենդ, վասն զի ան քու ըսածդ չի հասկնար։ Թէպէտ դուն աղէկ գոհութիւն կ’ընես, բայց միւսը չօգտուիր։ Աստուծմէ կը գոհանամ որ բոլորէդ աւելի լեզուներով կը խօսիմ, Բայց եկեղեցիին մէջ կ’ուզեմ հինգ խօսք մտառութեամբ խօսիլ, որպէս զի ուրիշներուն ալ սորվեցնեմ, քան թէ բիւրաւոր խօսքեր՝ օտար լեզուով։ Եղբայրնե՛ր, մտքով տղայ մի՛ ըլլաք, հապա չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ եղէք ու մտքով՝ չափահաս։ Օրէնքին մէջ գրուած է թէ՝ ‘Օտար լեզուներով ու օտար շրթունքներով այդ ժողովուրդին հետ պիտի խօսիմ, սակայն եւ այնպէս ինծի մտիկ պիտի չընեն’, կ’ըսէ Տէրը։ Ուրեմն լեզուները նշանի համար են ո՛չ թէ հաւատացեալներուն, հապա անհաւատներուն, բայց մարգարէութիւնը՝ ո՛չ թէ անհաւատներուն, հապա՝ հաւատացեալներուն։ Արդ՝ եթէ բոլոր եկեղեցին մէկտեղ գայ ու ամէնքն ալ օտար լեզուներով խօսելու ըլլան եւ հոն մտնեն տգէտներ կամ անհաւատներ, պիտի չըսե՞ն թէ դուք խենդեցեր էք։ Իսկ եթէ բոլորն ալ մարգարէանան ու հոն անհաւատ մը կամ տգէտ մը մտնէ, ամենէն ալ կը յանդիմանուի, ամենէն ալ կը դատուի Ու անոր սրտին ծածուկ բաները կը յայտնուին եւ երեսի վրայ ինկած՝ Աստուծոյ երկրպագութիւն պիտի ընէ ու խոստովանի թէ իրաւցընէ Աստուած ձեր մէջ է։ Ուրեմն, եղբա՛յրներ, երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ձեզմէ ամէն մէկը սաղմոս ունի, վարդապետութիւն ունի, լեզու ունի, յայտնութիւն ունի, թարգմանութիւն ունի. ամէնքն ալ շինութեան համար թող ըլլան։ Եթէ մէկը օտար լեզու կը խօսի, կամ երկու հոգի, կամ՝ երեք հոգի ըլլան, այն ատեն մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու մէկը թող թարգմանէ։ Բայց եթէ թարգմանող չըլլայ, եկեղեցիին մէջ լուռ թող կենան եւ Աստուծոյ հետ խօսին։ Իսկ եթէ մարգարէները երկու կամ երեք հոգի ըլլան, մէկիկ մէկիկ թող խօսին ու միւսները քննեն։ Իսկ եթէ նստողներէն ուրիշ մէկուն ալ բան մը յայտնուելու ըլլայ, առաջինը թող լռէ։ Վասն զի ամէնքդ ալ կրնաք մէկիկ մէկիկ մարգարէանալ, որպէս զի ամէնքն ալ սորվին ու ամէնքն ալ մխիթարուին։ Եւ մարգարէներուն հոգիները մարգարէներուն հսկողութեան տակ ըլլան։ Վասն զի Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան, ինչպէս սուրբերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Ձեր կիները եկեղեցիներուն մէջ թող լուռ կենան, վասն զի անոնց հրաման չկայ խօսելու, հապա հնազանդ ըլլալու, ինչպէս օրէնքն ալ կ’ըսէ։ Բայց եթէ բան սորվիլ կ’ուզեն, տունը իրենց այրերուն թող հարցնեն. քանզի կիներուն անվայել է եկեղեցիին մէջ խօսիլ։ Միթէ Աստուծոյ խօսքը ձեզմէ՞ ելաւ կամ թէ միայն ձեզի՞ հասաւ։ Եթէ մէկը կը կարծէ թէ ինք մարգարէ է, կամ հոգեւոր, թող հաստատ գիտնայ թէ ինչ որ ձեզի գրեցի՝ Տէրոջը պատուէրներն են. Բայց եթէ մէկը տգէտ է՝ թող տգէտ ըլլայ։ Ուստի, եղբա՛յրներ, մարգարէութիւն ընելու նախանձախնդիր եղէք ու լեզուներ խօսիլն ալ մի՛ արգիլէք։ Միայն թէ ամէն բան վայելչութեամբ եւ կարգաւ թող ըլլայ։ Եղբա՛յրներ, ձեզի կ’իմացնեմ այն աւետարանը որ ես ձեզի քարոզեցի եւ որը ընդունեցիք ու անոր վրայ հաստատուած էք. Որով կը փրկուիք ալ, եթէ ամուր բռնէք այն խօսքը որ ես ձեզի քարոզեցի, այնպէս որ պարապ տեղը հաւատացած չըլլաք։ Վասն զի ամենէն առաջ ես ձեզի աւանդեցի զանիկա, որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, գրքերուն ըսածին համեմատ Եւ թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ երրորդ օրը, գրքերուն ըսածին համեմատ Եւ երեւցաւ Կեփասին ու ետքը տասներկուքին. Ետքը հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ, որոնցմէ շատերը մինչեւ հիմա կ’ապրին եւ ոմանք՝ ննջեցին։ Ետքը երեւցաւ Յակոբոսին, ետքը բոլոր առաքեալներուն։ Ամենէն ետքը՝ որպէս թէ վիժածի մը՝ ինծի ալ երեւցաւ։ Վասն զի ես առաքեալներուն ամենէն ետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու, վասն զի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի։ Միայն թէ Աստուծոյ շնորհքովն եմ՝ ինչ որ եմ եւ անոր շնորհքը որ իմ վրաս է, պարապ բան մը չեղաւ։ Ես անոնց վրայ ամենէն աւելի աշխատեցայ. ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը, որ ինծի հետ էր։ Ուստի թէ՛ ես եւ թէ՛ անոնք այսպէս կը քարոզենք ու դուք այսպէս հաւատացիք։ Ուրեմն եթէ Քրիստոս կը քարոզուի, որ մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեզմէ մէկ քանիները կ’ըսեն թէ՝ ‘Մեռելներուն յարութիւն չկայ’։ Եթէ մեռելներուն յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ։ Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը պարապ է ու ձեր հաւատքն ալ պարապ է Եւ մենք ալ Աստուծոյ սուտ վկաները կ’ըլլանք. որովհետեւ Աստուծոյ համար վկայութիւն տուինք, թէ ինք մեռելներէն յարուցանեց Քրիստոսը։ Եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ուրեմն զանիկա չէ յարուցած։ Քանզի եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ձեր հաւատքը պարապ է ու տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք. Նոյնպէս Քրիստոսով ննջողներն ալ կորսուած են։ Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսին յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք։ Բայց ճշմարիտ է թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը։ Քանզի մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան. Բայց ամէն մէկը իր կարգովը. առաջին պտուղը Քրիստոս, ետքը Քրիստոսինները՝ իր գալու ատենը. Անկէ ետք կու գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը, երբ խափանէ ամէն իշխանութիւն եւ ամէն պետութիւն ու զօրութիւն։ Վասն զի ան պէտք է թագաւորէ մինչեւ բոլոր թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ։ Վերջին թշնամին որ պիտի խափանուի՝ մահն է։ Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց». Երբ կ’ըսէ թէ «Ամէն բան հնազանդած է», յայտնի կ’ըլլայ թէ բացի անկէ՝ որ բոլորը իրեն հնազանդեցուց։ Ու երբ բոլորը անոր հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ։ Ապա թէ ոչ՝ ի՞նչ պիտի ընեն անոնք որ մեռելներուն համար կը մկրտուին, եթէ մեռելները բնաւ յարութիւն պիտի չառնեն։ Ինչո՞ւ ուրեմն անոնց համար կը մկրտուին. Ինչո՞ւ համար մենք ալ վտանգի մէջ կը մտնենք ամէն ժամ։ Վկայ կը բերեմ այն պարծանքը՝ որ ձեր վրայ ունիմ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով, որ ես ամէն օր կը մեռնիմ։ Եթէ Եփեսոսի մէջ մարդոց նման գազաններու հետ մարտնչեցայ, ի՞նչ օգուտ ունի ինծի։ Եթէ մեռելները յարութիւն պիտի չառնեն՝ ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք։ Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։ Արդարութիւնով զգաստացէ՛ք ու մեղք մի՛ գործէք, վասն զի ձեզմէ ոմանք Աստուծոյ գիտութիւնը չունին. ձեզ ամչցնելու համար կ’ըսեմ։ Բայց պիտի ըսէ մէկը. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ’առնեն», կամ «Ի՞նչ մարմնով կու գան»։ Ա՛նմիտ, անիկա որ դուն կը սերմանես, եթէ չմեռնի՝ չի կենդանանար։ Զայն որ կը սերմանես, ոչ թէ այն մարմինը որ պիտի բուսնի՝ կը սերմանես, հապա մերկ հատը՝ ցորենի վրայ եւ թէ՛ ուրիշ սերմի ՝ Ու Աստուած անոր մարմին կու տայ ինչպէս կ’ուզէ եւ ամէն մէկ սերմին իր յատուկ մարմինը։ Ամէն մարմին մէկ մարմին չէ. հապա մարդոց մարմինը ուրիշ է ու անասուններուն մարմինը՝ ուրիշ, ձուկերունն ալ՝ ուրիշ եւ թռչուններունը՝ ուրիշ։ Երկնաւոր մարմիններ ալ կան, երկրաւոր մարմիններ ալ, բայց երկնաւորներուն փառքը ուրիշ է ու երկրաւորներունը՝ ուրիշ։ Արեւուն փառքը ուրիշ է ու լուսնին փառքը՝ ուրիշ եւ աստղերուն փառքը՝ ուրիշ ու մէկ աստղը միւս աստղէն տարբեր է փառքով։ Այսպէս մեռելներուն յարութիւնն ալ։ Մարմինը ապականութիւնով կը սերմանուի ու անապականութիւնով յարութիւն կ’առնէ. Անարգութիւնով կը սերմանուի ու փառքով յարութիւն կ’առնէ. տկարութիւնով կը սերմանուի ու զօրութիւնով յարութիւն կ’առնէ։ Կը սերմանուի շնչաւոր մարմին եւ յարութիւն կ’առնէ հոգեւոր մարմին։ Շնչաւոր մարմին կայ, հոգեւոր մարմին ալ կայ։ Եւ այսպէս գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ կենդանի շունչ եղաւ, վերջին Ադամը՝ կենդանարար հոգի»։ Բայց ո՛չ թէ առաջ հոգեւորը, հապա շնչաւորը ու ետքը հոգեւորը։ Առաջին մարդը երկրէն էր՝ հողեղէն, բայց երկրորդ մարդը Տէր է՝ երկնքէն։ Ինչպէս էր հողեղէնը՝ նոյնպէս ալ հողեղէնները ու ինչպէս երկնաւորը՝ նոյնպէս ալ երկնաւորները Եւ ինչպէս հողեղէնին կերպարանքը հագեր ենք, երկնաւորին կերպարանքն ալ պիտի հագնինք։ Բայց այս կ’ըսեմ, եղբա՛յրներ, որ մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել. ո՛չ ալ ապականութիւնը կը ժառանգէ անապականութիւն։ Ահա ձեզի խորհուրդ մը կ’ըսեմ. «Ամէնքս պիտի չննջենք, բայց ամէնքս ալ պիտի փոխուինք, Յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը. որովհետեւ փողը պիտի հնչուի ու մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան, մենք ալ պիտի փոխուինք»։ Վասն զի պէտք է որ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի ու այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի։ Բայց երբ այս ապականացու մարմինը անապականութիւն հագնի եւ այս մահկանացուն անմահութիւն հագնի, այն ատեն պիտի կատարուի այն խօսքը, որ գրուեցաւ. «Մահը յաղթութեան մէջ ընկղմեցաւ»։ «Ո՞ւր է, ո՛վ մահ, քու խայթոցդ, ո՞ւր է, ո՛վ գերեզման, քու յաղթութիւնդ»։ Մահուան խայթոցը մեղքն է ու մեղքին ոյժը՝ օրէնքը։ Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով։ Ուստի, իմ սիրելի եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ կեցէք եւ ամէն ատեն աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով։ Սուրբերուն համար նպաստ ժողվելու վրայով, ինչպէս պատուէր տուի Գաղատացիներուն եկեղեցիներուն, դուք ալ այնպէս ըրէք։ Ամէն մէկշաբթի օրերը ձեզմէ ամէն մէկը իր քով թող դիզէ ինչ որ կրնայ, Որ չըլլայ թէ երբ գամ, այն ատեն հանգանակութիւններ ըլլան։ Երբ գամ, որոնց որ դուք հաճիք, ես զանոնք թուղթերով՝ ՝ պիտի ղրկեմ, որ ձեր պարգեւները Երուսաղէմ տանին։ Եւ եթէ իմ երթալս յարմար սեպուի, ինծի հետ թող երթան։ Սակայն ես ձեզի պիտի գամ՝ երբ Մակեդոնիայէն անցնիմ. (քանզի Մակեդոնիայէն կ’անցնիմ.) Եւ կարելի է որ ձեր քով մնամ եւ ձմեռն ալ անցընեմ. որպէս զի դուք զիս ճամբայ դնէք, ուր որ ես պիտի երթամ։ Վասն զի չեմ ուզեր ձեզ հիմա հարեւանցի տեսնել, բայց յոյս ունիմ որ ատեն մը ձեր քով կենամ, եթէ Տէրը հրաման տայ։ Սակայն հիմա ես Եփեսոս պիտի մնամ մինչեւ Պէնտէկոստէ. Վասն զի ինծի մեծ ու արդիւնաւոր դուռ մը բացուած է ու շատ հակառակորդներ կան։ Արդ՝ եթէ Տիմոթէոս գայ, նայեցէ՛ք որ ձեր քով առանց վախի մնայ. քանզի անիկա Տէրոջը գործը կը գործէ, ինչպէս ես ալ։ Ուստի չըլլայ որ մէկը զանիկա արհամարհէ. հապա խաղաղութեամբ զանիկա ճամբեցուցէք, որպէս զի ինծի գայ. վասն զի անոր կը սպասեմ եղբայրներուն հետ։ Իսկ Ապօղոս եղբօրը համար, շատ աղաչեցի անոր, որ ձեզի գայ եղբայրներուն հետ մէկտեղ. բայց բնաւ կամք չունեցաւ որ հիմա գայ, բայց պիտի գայ՝ երբ յարմար ժամանակ գտնէ։ Արթո՛ւն կեցէք, հաւատքի մէջ հաստա՛տ կեցէք, ժի՛ր եղէք, զօրացէ՛ք։ Ձեր ամէն բաները սիրով ըլլան։ Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, (դուք կը ճանչնաք Ստեփանէսի ընտանիքը որ Աքայիայի առաջին պտուղն է ու անձերնին սուրբերուն սպասաւորութեանը նուիրեցին.) Որ հնազանդ ըլլաք այնպիսիներուն եւ ամենուն որ մեզի հետ մէկտեղ կը գործեն ու կ’աշխատին։ Ուրախ եմ ես Ստեփանէսի ու Փորտունատոսի ու Աքայիկոսի գալուն համար, իրենք ձեր պակասութիւնը լեցուցին. Ատով հանգստացուցին իմ հոգիս ու ձերը. ուստի այնպիսիները ճանչցէք։ Բարեւ կ’ընեն ձեզի Ասիայի եկեղեցիները. շատ բարեւ կ’ընեն ձեզի Տէրոջմով Ակիւղասն ու Պրիսկիղան՝ իրենց տանը մէջի եկեղեցիին հետ։ Բարեւ կ’ընեն ձեզի բոլոր եղբայրները. բարեւ տուէք իրարու սուրբ համբոյրով։ Այս բարեւը իմ ձեռագրովս Պօղոսինն է։ Եթէ մէկը Տէր Յիսուս Քրիստոսը չի սիրեր, նզովեալ ըլլայ երբ մեր Տէրը գայ՝ ՝։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ. Իմ սէրս ձեր ամենուն հետ ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով։ Ամէն։ Պօղոս, Աստուծոյ կամքովը Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը. Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը. Որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէս զի մենք կարող ըլլանք մխիթարել զանոնք՝ որ ամէն տեսակ նեղութիւններու մէջ են, այն մխիթարութիւնովը որով մենք Աստուծմէ կը մխիթարուինք. Քանզի ինչպէս Քրիստոսին չարչարանքները մեր վրայ շատ եղան, նմանապէս Քրիստոսին ձեռքովը մեր մխիթարութիւնն ալ շատ ըլլայ։ Եթէ նեղութիւն քաշենք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է եւ եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեանը ու փրկութեանը համար է, որ կը տոկաք համբերելով այն չարչարանքներուն՝ որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք։ Մեր յոյսը հաստատուն է ձեզի համար, վասն զի գիտենք թէ ինչպէս մեր չարչարանքներուն հաղորդակից եղաք, նոյնպէս ալ մխիթարութեանը պիտի ըլլաք։ Վասն զի Ասիոյ մէջ մեզի պատահած նեղութիւնները չեմ ուզեր ձեզի իմացնել, եղբա՛յրներ, թէ մեր կարողութենէն շատ աւելի ծանրաբեռնուեցանք, նոյնիսկ յոյսերնիս կտրեցինք ապրելէ։ Բայց մահուան վճիռը մեր վրայ զգացինք, որպէս զի մենք մեզի չապաւինինք, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ. Որ այնպիսի մեծ մահուանէ մեզ փրկեց ու կը փրկէ Ու կը յուսանք թէ տակաւին պիտի փրկէ, մեզի համար ձեր ըրած աղօթքին օգնութեամբը. որպէս զի շատերուն աղօթքին պատճառաւ մեզի եղած շնորհքին համար՝ շատերէն գոհութիւն տրուի մեզի համար։ Վասն զի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզմտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ոչ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, հապա Աստուծոյ շնորհքովը աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ։ Քանզի ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, հապա այն որ դուք կը կարդաք ու կը ճանչնաք եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վերջը պիտի ճանչնաք. Ինչպէս քիչ շատ ճանչցաք մեզ, որ ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսին օրը։ Այս վստահութիւնով կ’ուզէի առաջ ձեզի գալ, որպէս զի դուք երկրորդ անգամ շնորհք ընդունիք. Ու ապա անցնիլ դէպի Մակեդոնիա եւ դարձեալ Մակեդոնիայէն ձեզի գալ, որպէս զի դուք ճամբեցնէք դէպի Հրէաստան։ Երբ այսպէս մտածեցի, միթէ երկմտութիւնո՞վ շարժեցայ. կամ թէ այն որ ես կը խորհիմ, մարմնաւորապէ՞ս կը խորհիմ, որպէս զի իմ կողմանէս «այոն՝ այո եւ ոչը՝ ոչ» ըլլայ՝ ՝։ Սակայն հաւատարիմ է Աստուած, որ մեր խօսքը ձեզի որ հասաւ «այո» եւ «ոչ» չէր։ Վասն զի Աստուծոյ Որդին Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզմով ձեզի քարոզուեցաւ, (ինծմով եւ Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով,) «այո» ու «ոչ» չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ «այո»ն։ Քանզի որչափ որ Աստուծոյ խոստումները կան՝ իր մէջ «Այո» են ու իր մէջ «Ամէն» են Աստուծոյ փառքին համար մեր ձեռքով։ Բայց ան որ մեզ ձեզի հետ մէկտեղ Քրիստոսով հաստատեց ու մեզ օծեց, Աստուած է. Որ մեզ կնքեց ալ եւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւը մեր սրտերուն մէջ։ Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, որ ձեզի խնայելուս համար տակաւին Կորնթոս չեկայ. սակայն ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք։ Սակայն ես ինծմէ որոշեցի, որ նորէն տրտմութիւնով չգամ ձեզի։ Վասն զի եթէ ես ձեզ տրտմեցնեմ, ալ ո՞վ է որ զիս պիտի ուրախացնէ եթէ ոչ ան՝ որ ինծմէ կը տրտմի։ Ասիկա գրեցի, որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ տրտմութիւն մը կրեմ անոնցմէ, որոնք պէտք է զիս ուրախացնեն. քանզի ձեր ամենուն վրայ վստահ եմ, որ իմ ուրախութիւնս ձեր ամենունն է։ Վասն զի շատ նեղութենէ եւ սրտի տագնապէ ես ձեզի գրեցի շատ արցունքով. ոչ թէ՝ որպէս զի դուք տրտմիք, հապա որպէս զի ճանչնաք այն սէ՛րը որ ես ունիմ ձեր վրայ։ Եթէ մէկը տրտմեցուց, ոչ թէ զիս տրտմեցուց, հապա մասամբ (որպէս զի խօսքս ծանր չընեմ) ձեզ ամէնքդ՝ ՝։ Հերիք է այնպիսի մարդուն այն պատիժը, որ շատերէ տրուեցաւ։ Ուստի ընդհակառակն աւելի ներել պէտք է անոր ու մխիթարել զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի։ Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի, որ անոր վրայ ձեր սէրը հաստատէք. (Քանզի ասոր համար ալ գրեցի, որպէս զի ձեզ փորձելով գիտնամ թէ ամէն բանի մէջ հնազա՞նդ էք։ Որուն որ դուք բան մը ներէք, ես ալ կը ներեմ. վասն զի եթէ ես ալ ներեմ, որու որ ներեմ՝ ձեզի համար է Քրիստոսին կողմանէ). Որ չըլլայ թէ զրկանք մը կրենք Սատանայէն. քանզի անոր խորհուրդները գիտենք։ Երբ Տրովադա հասայ Քրիստոսին աւետարանը քարոզելու, գտայ թէ ինծի դուռ մը բացած էր Տէրը, Բայց իմ հոգիիս մէջ հանգստութիւն չունեցայ, վասն զի իմ Տիտոս եղբայրս հոն չգտայ. ուստի անոնցմէ հրաժարելով՝ Մակեդոնիա գացի։ Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ միշտ մեզի յաղթութիւն կու տայ Քրիստոսով ու զինք ճանչնալուն հոտը մեզմով յայտնի կ’ընէ ամէն տեղ։ Վասն զի մենք Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսին անոյշ հոտն ենք թէ՛ փրկուածներուն մէջ եւ թէ՛ կորսուածներուն։ Ոմանց՝ մահուան հոտ դէպի մահ եւ ոմանց՝ կենդանութեան հոտ՝ դէպի կեանք։ Ո՞վ կարող է այս գործը կատարել։ Քանզի մենք շատերուն պէս չենք, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը խարդախեն, հապա կը խօսինք անկեղծութեամբ, որպէս թէ Աստուծմէ ղրկուած ենք եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով։ Սկսի՞նք նորէն ինքզինքնիս գովել. կամ թէ ոմանց պէս պէ՞տք է մեզի յանձնարարութեան թուղթեր ձեզի կամ ձեզմէ։ Բայց մեր թուղթը դուք էք մեր սրտերուն մէջ գրուած, ճանչցուած ու կարդացուած ամէն մարդէ. Յայտնի ըլլալով որ դուք Քրիստոսին թուղթն էք մեր սպասաւորութիւնովը, ո՛չ թէ մելանով գրուած, հապա կենդանի Աստուծոյ Հոգիովը, ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, հապա սրտին մարմնեղէն տախտակներուն վրայ։ Մենք վստահութիւն ունինք Աստուծոյ վրայ Քրիստոսին ձեռքով. Ոչ թէ մենք ինքնիրեննիս բաւական ենք բան մը խորհելու՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է. Որ մեզ յարմարցուց նոր կտակարանին պաշտօնեաներ ըլլալու, ո՛չ թէ գրին, հապա հոգիին. վասն զի գիրը կը սպաննէ, բայց հոգին կ’ապրեցնէ։ Իսկ եթէ քարերու վրայ գրով փորուած մահուան օրէնքը այնքան փառաւոր եղաւ, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար Մովսէսին երեսին նայիլ՝ անոր երեսին պայծառութեան համար, որ պիտի խափանուէր. Ուրեմն հոգիին օրէնքը որքա՜ն աւելի փառաւոր պիտի ըլլայ։ Վասն զի եթէ դատապարտութեան պաշտօնը փառաւոր էր՝ ո՜րչափ աւելի արդարութեան պաշտօնը փառաւոր պիտի ըլլայ։ Վասն զի այն որ փառաւոր էր՝ անփառունակ դարձաւ զինք գերազանցող փառքին պատճառաւ։ Քանզի եթէ այն որ պիտի խափանուէր՝ փառաւոր էր, որչա՜փ աւելի այն որ մնայուն է՝ փառաւոր պարտի ըլլալ ։ Ուստի այսպիսի յոյս մը ունենալով, շատ համարձակութեամբ կը վարուինք մեր խօսքին մէջ Եւ ո՛չ թէ ինչպէս Մովսէս իր երեսին վրայ ծածկոց կը ձգէր, որպէս զի Իսրայէլի որդիները չնայէին այն խափանուելու բաներուն վախճանին։ Սակայն անոնց մտքերը կուրցան. վասն զի մինչեւ այսօր նոյն ծածկոցը ձգուած է հին կտակարանին վրայ ու չի վերնար, (վասն զի Քրիստոսով կը խափանուի,) Հապա մինչեւ այսօր, երբ Մովսէսին գիրքը կը կարդան, անոնց սրտին վրայ ծածկոց մը կը կենայ։ Բայց երբ Տէրոջը դառնան, այն ատեն պիտի վերնայ այն ծածկոցը։ Արդ՝ Տէրը Հոգին է եւ ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ։ Բայց մենք ամէնքս, բաց երեսով Տէրոջը փառքը որպէս թէ հայելիի մէջ տեսնելով, նոյն պատկերին համաձայն կը նորոգուինք փառքէ փառք, որպէս թէ Տէրոջը Հոգիէն։ Այս պաշտօնը ստացանք Աստուծոյ ողորմութիւնով, ուստի չենք ձանձրանար. Հապա կը հրաժարինք ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չենք վարուիր եւ խարդախութիւն չենք ըներ Աստուծոյ խօսքին մէջ. հապա ճշմարտութիւնը յայտնելով՝ անձերնիս կը ներկայացնենք մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ։ Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած ալ է, կորսուածներուն համար ծածկուած է. Որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը։ Վասն զի ո՛չ թէ անձերնիս կը քարոզենք, հապա Քրիստոս Յիսուս Տէրը ու մեզ՝ ձեր ծառաները Յիսուսին համար Վասն զի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը։ Արդ՝ մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէս զի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ։ Ամէն կողմանէ վշտացած ենք, բայց նեղը ինկած չենք. տագնապած ենք, բայց յուսահատած չենք Հալածուած ենք, բայց երեսէ ձգուած չենք. վար ձգուած ենք, բայց կորսուած չենք։ Ամէն ատեն Յիսուսին մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէս զի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի։ Վասն զի մենք որ կենդանի ենք՝ Յիսուսին համար մահուան կը մատնուինք, որպէս զի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ յայտնի ըլլայ։ Ուստի մահը մեր մէջ կը ներգործէ եւ կեանքը՝ ձեր մէջ։ Բայց հաւատքին նոյն հոգին ունինք, ինչպէս գրուած է. «Հաւատացի, անոր համար խօսեցայ»։ Մենք ալ կը հաւատանք ու անոր համար կը խօսինք։ Գիտենք թէ ան որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց՝ մեզ ալ Յիսուսով պիտի յարուցանէ ու անոր առջեւ պիտի կայնեցնէ ձեզի հետ։ Վասն զի ամէն բան ձեզի համար է, որպէս զի շատերուն գոհութեամբ առատացած շնորհքը՝ աւելնայ Աստուծոյ փառքին համար։ Այս պատճառով չենք վհատիր. թէպէտ այս մեր դուրսի մարդը ապականի, սակայն մեր ներսի մարդը օրէ օր պիտի նորոգուի։ Վասն զի մեր վայրկենական թեթեւ նեղութիւնը աւելի ու աւելի յաւիտենական փառքի գերազանցութիւնը պիտի ներգործէ, Ուստի մենք երեւցած բաներուն չնայինք, հապա չերեւցածներուն. քանզի երեւցած բաները ժամանակաւոր են, բայց չերեւցածները՝ յաւիտենական։ Վասն զի գիտենք թէ եթէ մեր վրանի նման երկրաւոր տունը քակուի, շինուածք մը ունինք Աստուծմէ, անձեռագործ յաւիտենական տուն մը երկնքի մէջ։ Եւ յիրաւի ասոր մէջ կը հառաչենք՝ մեր երկնաւոր բնակութիւնը հագնիլ փափաքելով. Միայն թէ երբ զայն հագնելու ըլլանք, մերկ չգտնուինք։ Որչափ ատեն որ այս վրանին տակն ենք, կը հառաչենք ծանրութիւն քաշելով, վասն զի չենք ուզեր մեր վրայէն հանել, հապա զանիկա ասոր վրայէն հագնիլ, որպէս զի մահկանացութիւնը ընկղմի այն կեանքին մէջ։ Աստուած մեզ այս բանին կը պատրաստէ, որ նաեւ մեզի տուաւ Հոգիին գրաւականը։ Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունենանք, քանզի գիտենք թէ որչափ մարմնի մէջ ենք, Տէրոջմէն հեռու ենք. (Վասն զի հաւատքով կը քալենք ու ո՛չ թէ երեւոյթով.) Ուստի վստահութիւն ունենանք եւ ալ աւելի ուզենք մարմնէն հեռանալ ու Տէրոջը քով կենալ։ Ասոր համար ջանանք որ թէ՛ կենանք եւ թէ՛ հեռանանք՝ անոր հաճոյ ըլլանք։ Վասն զի պէտք է որ ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ ներկայանանք, որպէս զի ամէն մէկը իր մարմնովը ըրածներուն փոխարէնը առնէ՝ ինչ որ գործեր է, թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար։ Ուստի Տէրոջը վախը գիտնալով՝ մարդոց միտքը հաճեցնենք. սակայն մենք Աստուծոյ առջեւ յայտնի ենք եւ կը յուսամ թէ ձեր խղճմտանքին մէջ ալ յայտնի ենք։ Ոչ թէ նորէն անձերնիս ձեզի կ’ընծայենք. հապա առիթ կու տանք ձեզի՝ մեզմով պարծենալու. որպէս զի բան մը ունենաք պատասխանելու անոնց՝ որ աչքի երեւցածով կը պարծենան ու ո՛չ թէ սրտով։ Վասն զի եթէ խենդեցած ենք՝ այն Աստուծոյ համար է եւ եթէ զգաստ ենք՝ այն ձեզի համար է, Վասն զի Քրիստոսին սէրը մեզ կը ստիպէ եւ մեր համոզումն է թէ՝ եթէ մէկը ամենուն համար մեռաւ, ուրեմն ամէնքն ալ մեռան։ Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։ Ուստի ասկէ յետոյ մենք մէկը մարմնով չենք ճանչնար, թէեւ Քրիստոսը մարմնով ճանչցանք, բայց հիմա ա՛լ այնպէս չենք ճանչնար։ Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսին մէջ է, անիկա նոր ստեղծուած մըն է։ Հիները անցան եւ ահա ամէն բան նոր եղաւ։ Սակայն ամէն բան Աստուծմէն է, որ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով ու տուաւ մեզի հաշտութեան պաշտօնը. Այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով աշխարհս իրեն հետ հաշտեցուց եւ անոնց յանցանքները իրենց ներեց ու մեզի վստահեցաւ հաշտութեան պատգամը։ Ուրեմն Քրիստոսին կողմանէ դեսպանութիւն կ’ընենք, որպէս թէ Աստուած ինք մեր միջոցով կոչ կ’ուղղէ. մենք կ’աղաչենք ձեզի Քրիստոսին կողմէ, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ։ Վասն զի Աստուած զանիկա որ մեղք չէր գիտեր, մեզի համար մեղաւոր սեպեց՝ ՝, որպէս զի մենք անոր միջոցով Աստուծոյ արդարներն ըլլանք։ Ուստի մենք ալ գործակից ըլլալով՝ կաղաչենք որ Աստուծոյ շնորհքը պարապ տեղ ընդունած չըլլաք։ Վասն զի «Ընդունելի ժամանակի մը մէջ լսեցի քեզի, կ’ըսէ, եւ փրկութեան օրը օգնութիւն ըրի քեզի»։ Ահա՛ հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը։ Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։ Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս՝ շատ համբերութիւնով վշտերու մէջ, տառապանքներու, նեղութիւններու, Ծեծերու, բանտերու, խռովութիւններու, աշխատութիւններու, հսկումներու, ծոմերու մէջ, Մաքրութիւնով, գիտութիւնով, երկայնմտութիւնով, քաղցրութիւնով, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով, Ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութիւնով, արդարութեան զէնքերով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է։ Փառքով ու անարգութիւնով, գովութիւնով ու պարսաւանքով, մոլորեցնողներու պէս՝ ու ճշմարիտներ։ Անծանօթներու պէս եւ ծանօթներ, մեռնողներու պէս եւ ահա կենդանի ենք, պատժուածներու պէս ու չենք սպանուած։ Տրտմածներու պէս ու միշտ ուրախ ենք, աղքատներու պէս ու շատերը կը հարստացնենք, բան մը չունեցողներու պէս եւ ամէն բան ստացած ենք։ Մեր բերանը ձեզի բացուած է, ո՜վ Կորնթացիք եւ մեր սիրտը լայնցած։ Դուք մեր կողմէն չէք նեղուիր, հապա ձեր ունեցած գութին կողմէ՝ ՝ կը նեղուիք։ Ուստի անոր հատուցում ընելու համար (իբրեւ որդիներուս կը խօսիմ ձեզի,) դուք ալ դէպի զիս լայն բացէք ձեր սրտերը։ Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք. քանզի ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ Եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարին հետ, կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ Եւ ի՞նչ յարմարութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ. վասն զի դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարն էք. ինչպէս Աստուած ըսաւ, թէ «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ ու անոնց մէջ պիտի քալեմ եւ անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք», կ’ըսէ Տէրը։ «Պիղծ բանի մի՛ դպչիք Ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ եւ ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ ու դուք ինծի տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ըլլաք», կ’ըսէ Ամենակալ Տէրը։ Ուստի, սիրելինե՛ր, որովհետեւ մենք այս խոստումները ունինք, մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը։ Ընդունեցէք մեզ՝ ՝։ Մարդո՛ւ վնաս չտուինք, ո՛չ մէկը եղծեցինք եւ ո՛չ մէկը զրկեցինք։ Ո՛չ թէ ձեզ դատապարտելու համար այս կ’ըսեմ. որովհետեւ ես առաջուընէ ըսեր եմ թէ դուք մեր սրտերուն մէջ էք՝ մեռնելու եւ ապրելու ձեզի հետ ։ Մեծ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ, շատ հպարտ եմ ձեզմով, լեցուն եմ մխիթարութիւնով, ուրախ եմ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ։ Վասն զի երբ մենք Մակեդոնիա հասանք, բնաւ մեր մարմինը հանգստութիւն չունեցաւ այլ ամէն կողմէ նեղութիւն քաշեցինք. դուրսէն պատերազմներ կային ու ներսէն՝ վախեր։ Բայց Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց Տիտոսին գալովը։ Եւ ո՛չ միայն անոր գալովը, հապա այն մխիթարութիւնովն ալ՝ որով ինք մխիթարուեր էր ձեզմով երբ մեզի պատմեց ձեր բաղձանքը, ձեր ողբը, ձեր ինծի համար ունեցած նախանձախնդրութիւնը, այնպէս որ ա՛լ աւելի ուրախ եղայ։ Վասն զի եթէ ձեզ տրտմեցուցի այն թուղթով, չեմ զղջար, (թէեւ զղջացեր էի,) քանզի կը տեսնեմ թէ այն թուղթը ձեզ տրտմեցուց, թէեւ քիչ մը ատեն։ Արդ՝ ուրախ եմ, ոչ թէ որ տրտմեցաք, հապա որ ապաշխարութեան համար տրտմեցաք. որովհետեւ դուք Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմեցաք, այնպէս որ բանով մըն ալ ձեզի չվնասեցի։ Վասն զի Աստուծոյ ուզածին պէս եղած տրտմութիւնը փրկութեան համար ապաշխարութեան կ’առաջնորդէ, որ չի զղջացներ. բայց աշխարհի տրտմութիւնը մահ կը պատճառէ Քանզի դուք Աստուծոյ ուզածին պէս տրտմեցաք, ձեր մէջ ո՛րչափ սրտմութիւն, ո՛րչափ վախ, ո՛րչափ բաղձանք, ո՛րչափ նախանձախնդրութիւն, ո՛րչափ վրէժխնդրութիւն յառաջ բերիք. ամէն կերպով ինքզինքնիդ ցուցուցիք թէ այդ բանին մէջ մաքուր էք։ Ուրեմն այն որ ես ձեզի գրեցի, ո՛չ թէ զրկանքը ընողին համար էր եւ ո՛չ ալ զրկանքը կրողին համար, հապա որպէսզի ձեր վրայ ունեցած մեր հոգածութիւնը յայտնի ըլլայ Աստուծոյ առջեւ։ Ուստի ասոր համար մենք մխիթարուեցանք եւ շատ աւելի ալ ուրախացանք Տիտոսին ուրախութեանը համար, վասն զի անոր հոգին բոլորէդ հանգստութիւն գտեր էր։ Վասն զի անոր առջեւ ձեզմով պարծենալուս համար ամօթով չմնացի. հապա ինչպէս ամէն բան ճշմարտութիւնով խօսեցանք ձեզի, նոյնպէս Տիտոսին առջեւ պարծենալնիս ալ ճշմարիտ եղաւ։ Նաեւ իր սէրը աւելի զօրացած է ձեր վրայ, երբ կը յիշէ ձեր ամենուն հնազանդութիւնը, թէ ի՛նչպէս վախով ու դողով զանիկա ընդուներ էք։ Ուստի ուրախ եմ որ ամէն բանի մէջ ձեր վրայ վստահութիւն ունիմ։ Արդ, եղբայրնե՛ր, ձեզի կը ցուցնենք Աստուծոյ շնորհքը, որ Մակեդոնացիներու եկեղեցիներուն տրուած է. Որ նեղութեան մեծ փորձին մէջ իրենց ուրախութիւնը աւելցաւ եւ իրենց ծանր աղքատութեանը մէջ աւելի մեծ առատաձեռնութեան մղուեցան։ Վասն զի ես կը վկայեմ թէ իրենց կարողութեան չափովը ու կարողութենէն ալ աւելի յօժարակամութեամբ, Կ’աղաչէին որ տուրքերը ու սուրբերուն համար եղած օգնութեան մասնակցութիւնը ընդունինք։ Ոչ միայն որչափ մենք կը յուսայինք, հապա անձերնին ալ տուին առաջ՝ Տէրոջը ու ետքը ՝ մեզի՝ Աստուծոյ կամքովը։ Տիտոսին ալ աղաչեցինք, որ ինչպէս անիկա առաջուընէ սկսաւ, նոյնպէս ալ ձեր մէջ կատարէ այդ շնորհքն ալ։ Բայց ինչպէս ամէն բանով առատացած էք դուք, (հաւատքով ու խօսքով ու գիտութիւնով եւ ամէն ջանքով ու մեր վրայ եղած ձեր սիրովը,) նայեցէք որ այդ շնորհքով ալ առատանաք. Ո՛չ թէ հրամայելով կը խօսիմ, հապա ուրիշներուն ջանքը տեսնելով, որպէս զի փորձեմ ձեր սիրոյն հարազատութիւնը։ Քանզի դուք գիտէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը, թէ ինք ձեզի համար աղքատ եղաւ՝ ան որ հարուստ էր, որպէս զի դուք անոր աղքատանալովը հարստանաք։ Եւ այս բանին համար խրատ կու տամ. վասն զի ասիկա ձեր օգտին համար է, դուք որ ոչ թէ միայն ընելը, հապա կամենալն ալ առաջուընէ սկսեցաք՝ անցած տարուընէ ի վեր. Ուստի հիմա ընելն ալ կատարեցէք, որպէս զի ինչպէս կամքի յօժարութիւն կայ, նոյնպէս ալ ընելը ձեր ունեցածներուն չափովը ըլլայ։ Վասն զի եթէ առաջ յօժարութիւնը ըլլայ՝ տալը ունեցածին չափովը ընդունելի է ու ոչ թէ չունեցածին չափովը Վասն զի ոչ թէ ես ուրիշներուն հանգստութիւն կ’ուզեմ ու ձեզի՝ նեղութիւն. Հապա հաւասարութիւն։ Այսօրուան ձեր աւելին անոնց պակասութիւնը լեցնէ, որպէս զի անոնց աւելին ալ օր մը լեցնէ ձեր պակասութիւնը, որպէս զի հաւասարութիւն ըլլայ։ Ինչպէս գրուած է. «Ան որ շատ ժողվեց ՝ չաւելցաւ ու ան որ քիչ՝ չպակսեցաւ»։ Գոհութիւն Աստուծոյ, որ Տիտոսը կը բաղձայ մեզի նման ձեզի օգնել։ Վասն զի մեր աղաչանքը ընդունեց եւ յօժարեցաւ իր կամքովը ձեզի գալու ։ Անոր հետ ղրկեցինք այն եղբայրը, որուն գովութիւնը աւետարանին մէջ է՝ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Եւ ոչ միայն այսքան, հապա նաեւ եկեղեցիներէն ընտրուեցաւ մեզի ճամբորդութեան ընկեր ըլլալու այս տուրքերուն մէջ, որ մենք կը ծառայենք Տէրոջը փառքին համար ու ձեր յօժարութիւնովը։ Բայց այս մասին զգուշութիւն կ’ընէինք, որ չըլլայ թէ մէկը արատ մը դնէ մեր վրայ այս առատութեանը մէջ, որուն մենք կը ծառայենք։ Քանզի ո՛չ միայն Տէրոջը առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ բարի բաներ ընելու հոգ կը տանինք։ Անոնց հետ մեր եղբայրը ղրկեցինք, որ շատ բաներու մէջ փորձելով՝ շատ անգամ յօժարամիտ գտեր ենք ու հիմա ա՛լ աւելի յօժարամիտ՝ այն մեծ վստահութիւնով որ ձեր վրայ ունի ։ Բայց եթէ Տիտոսին համար կը հարցնէք, անիկա իմ ընկերս է եւ ձեր մէջ իմ գործակիցս. իսկ եթէ մեր եղբայրներուն համար՝ անոնք եկեղեցիներուն ղրկուածներն են ու Քրիստոսին փառքը։ Ուստի ձեր սիրոյն եւ մեր ձեր վրայով պարծենալուն ապացոյցը ատոնց վրայ ցուցուցէք՝ եկեղեցիներուն առջեւ։ Սուրբերուն տրուելիք օգնութեան վրայ աւելորդ է ձեզի գրել։ Վասն զի գիտեմ ես ձեր յօժարութիւնը, որուն համար կը պարծենամ ձեզի համար Մակեդոնացիներուն մէջ, թէ Աքայեցիները անցած տարուընէ ի վեր պատրաստ են։ Ասիկա շատերուն բարի նախանձը գրգռեց։ Եւ ահա եղբայրներս ղրկեցի, որպէս զի մեր ձեզի համար պարծենալը այդ մասին մէջ պարապ չելլէ, հապա պատրաստ գտնուիք, ինչպէս ըսեր եմ. Որ չըլլայ թէ երբ Մակեդոնացիները ինծի հետ գան ու ձեզ անպատրաստ գտնեն, մենք (որ չըսենք թէ դուք) ամօթով մնանք այս պարծանքին վստահութեանը մէջ։ Ուստի հարկաւոր սեպեցի եղբայրներուն աղաչել, որ առաջուընէ ձեզի գան ու ժամանակին կարգի դնեն ձեր խոստացած ընծան, որպէս զի պատրաստ ըլլայ, այնպէս որ մասնաւոր ընծայի պէս ըլլայ, ո՛չ թէ ակամայ տրուածի պէս։ Բայց ասիկա կ’իմացնեմ թէ՝ ան որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ։ Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ։ Բայց կարող է Աստուած բոլոր շնորհքները ձեզի տալ, որպէս զի ամէն բանի մէջ ամէն ատեն բոլոր ձեզի պէտք եղածը ունենալով՝ բարիք գործէք առատութեամբ. Ինչպէս գրուած է. «Տարածեց ու աղքատներուն տուաւ։ Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ Եւ անիկա որ սերմ ցանողին սերմ կը պարգեւէ եւ կերակուրի համար՝ հաց, ձեզի սերմանելիք պիտի պարգեւէ եւ աւելցնէ՝ ՝ ու ձեր արդարութեան պտուղները շատցնէ. Որպէս զի ամէն բանի մէջ հարստանաք ամէն կերպ առատութիւնով, որ մեր ձեռքով պիտի մղէ գոհութիւն տալ Աստուծոյ։ Վասն զի այս պաշտօնին մատակարարութիւնը ո՛չ միայն սուրբերուն պակասութիւնը լեցնելու համար է, հապա որ աւելի շատ գոհանան Աստուծմէ։ Այս պաշտօնին փորձովը Աստուած պիտի փառաւորեն՝ Քրիստոսին աւետարանը խոստովանելու հնազանդութեանը համար եւ այն առատաձեռնութեանը համար՝ որով հաղորդակցութիւն կ’ընէք անոնց ու ամենուն հետ. Եւ անոնք ձեզի համար պիտի աղօթեն ձեզի ցանկալով՝ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար որ ձեզի տրուած է։ Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար։ Ես՝ Պօղոսս՝ ձեզի կ’աղաչեմ Քրիստոսին հեզութիւնովն ու քաղցրութիւնովը, որ երես առ երես գտնուած ատենս խոնարհ եմ ձեր մէջ, բայց հեռուէն համարձակ կը խօսիմ. Կ’աղաչեմ որ չըլլայ թէ մօտէն ալ համարձակիմ այն վստահութիւնովը՝ որով միտք ունիմ ցուցնել մէկ քանիներուն, որոնք մեր վրայով այնպէս կը կարծեն թէ մարմնաւորապէս կը քալենք։ Քանզի թէպէտ մարմինով կը քալենք, բայց ո՛չ թէ մարմնաւորապէս զինուորութիւն կ’ընենք, Վասն զի մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու։ Մենք խորհուրդներ կը քակենք եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները ու բոլոր մտքերը Քրիստոսին կը հնազանդեցնենք եւ գերի կ’ընենք։ Պատրաստ ենք վրէժ առնելու ամէն անհնազանդութենէ, որպէս զի ձեր հնազանդութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Դուրսի երեւոյթի՞ն կը նայինք։ Կա՞յ մէկը որ վստահ ըլլայ իր անձին վրայ՝ թէ ինք Քրիստոսինն է։ Ան նորէն ինքնիրմէ թող խորհի՝ թէ ինչպէս ինք Քրիստոսինն է, այնպէս ալ մենք ։ Քանզի եթէ աւելի ալ պարծենալու ըլլամ այն մեր իշխանութեանը համար՝ որ Տէրը մեզի տուաւ՝ ձեզ շինելու եւ ոչ թէ քակելու համար, պիտի չամչնամ. Որպէս զի այնպէս չսեպուիմ, որպէս թէ ես թուղթերովս ձեզի վախ կը պատճառեմ. Քանզի « Անոր թուղթերը, կ’ըսէ մէկը, ծանր ու զօրաւոր են, բայց անոր մարմնին երեւոյթը տկար է ու խօսքը՝ անարգ»։ Այնպիսին թող խորհի, թէ մենք հեռուէն ի՛նչպէս ենք խօսքով ու թուղթերով, մօտեն ալ նո՛յնպէս պիտի ըլլանք գործով։ Վասն զի մենք չենք համարձակիր մեր անձը կշիռքի դնել ու բաղդատել ոմանց հետ, որ ինքզինքնին կը գովեն. բայց իրարմով իրենց անձերը կը չափեն եւ զիրենք իրարու հետ բաղդատելով՝ չեն հասկնար։ Բայց մենք չափէ դուրս բաներով պիտի չպարծենանք, հապա այն կանոնին չափովը՝ որ Աստուած մեզի բաժին տուաւ մինչեւ ձեզի հասնելու. Ո՛չ թէ որպէս թէ մենք ձեզի հասած չենք ու ինքզինքնիս չափէն աւելի կ’երկնցնենք, վասն զի Քրիստոսին աւետարանովը մինչեւ ձեզի հասանք։ Եւ ո՛չ թէ չափէ դուրս բաներով՝ ուրիշներուն աշխատանքովը կը պարծենանք՝ հապա յոյս ունինք, որ ձեր հաւատքը աւելնալուն՝ մեր գործին չափովը ձեզմէ աւելի ընդարձակուինք, Ձեզմէ անդին աւետարանը քարոզելու եւ ո՛չ թէ պատրաստ բաներու վրայ պարծենալու ուրիշի մը գործով։ Բայց ան որ կը պարծենայ՝ թող Տէրոջմով պարծենայ։ Վասն զի ո՛չ թէ ան որ իր անձը կը գովէ՝ անիկա է ընտրուածը, հապա ան՝ որ Տէրը կը գովէ։ Երանի՜ թէ քիչ մը ներէիք իմ անմտութեանս եւ իրաւցընէ հանդուրժէիք ինծի։ Վասն զի ձեզի հանդէպ աստուածային նախանձ մը ունիմ։ Վասն զի ես ձեզ էրկան մը նշանեցի՝ մաքուր կոյսի մը պէս Քրիստոսին առջեւ հանելու։ Միայն թէ կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն։ Վասն զի եթէ մէկը գալու ըլլայ եւ ուրիշ Յիսուս մը քարոզէ՝ որ մենք չքարոզեցինք, կամ ուրիշ հոգի առնէք՝ որ մեզմէ չառիք, կամ ուրիշ աւետարան՝ որ մեզմէ չէք ընդունած, այնպիսիներուն ալ աղէկ կը հանդուրժէիք։ Քանզի ես այսպէս կը սեպեմ՝ թէ ամենէն երեւելի առաքեալներէն բանով մըն ալ պակաս չեմ։ Թէպէտ խօսքի մէջ անվարժ եմ, բայց ո՛չ գիտութեան կողմէ. սակայն ամէն բանի մէջ բոլորովին անձերնիս ձեզի յայտնի ցուցուցինք։ Միթէ յանցա՞նք գործած եղայ՝ որ Աստուծոյ աւետարանը ձեզի ձրի քարոզելով իմ անձս խոնարհեցուցի, որպէս զի դուք բարձրանաք, Ուրիշ եկեղեցիներ կողոպտեցի, անոնցմէ թոշակ առնելով ձեզի ծառայելու համար։ Ձեր քով գտնուած ատենս երբ պակասութիւն ունեցայ, ձեզմէ մէկո՛ւն ձանձրութիւն չտուի. վասն զի իմ պակասութիւնս լեցուցին Մակեդոնիայէն եկող եղբայրները եւ ամէն կերպով ձեզի ծանրութիւն տալէ զգուշացայ ու պիտի զգուշանամ ալ։ Քրիստոսին ճշմարտութիւնը իմ ներսիդիս է, որ այս իմ պարծենալս պիտի չխափանուի Աքայիայի կողմերն ալ։ Ինչո՞ւ. որպէս թէ չե՞մ սիրեր ձեզ։ Ատիկա Աստուած գիտէ։ Բայց ինչ որ ըրի, պիտի ընեմ ալ, որպէս զի առիթ չտամ անոնց՝ որոնք պատճառ կը փնտռեն, որպէս զի պարծենան թէ իրենք ալ մեզի պէս են։ Վասն զի այնպիսիները՝ սուտ առաքեալներ, խաբեբայ բանուորներ ըլլալով՝ Քրիստոսին առաքեալներուն կերպարանքը իրենց վրայ կ’առնեն։ Եւ զարմանալի չէ. վասն զի Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ։ Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր պաշտօնեաներն ալ արդարութեան պաշտօնեաներուն կերպարանքը առնեն։ Իրենց վերջը իրենց գործերուն համեմատ պիտի ըլլայ։ Դարձեալ կ’ըսեմ, ոչ ոք զիս անմիտ թող սեպէ, բայց գոնէ անմիտի մը պէս զիս ընդունեցէք, որպէս զի ես ալ քիչ մը պարծենամ։ Ինչ որ ես կը խօսիմ, ո՛չ թէ Տէրոջը կամքին պէս կը խօսիմ, հապա որպէս թէ անմտութիւնով մը՝ այդ պարծենալուն վստահութիւնովը։ Որովհետեւ շատեր մարմնի կողմանէ կը պարծենան, ես ալ պիտի պարծենամ։ Քանզի դուք իմաստուն ըլլալով յօժարութեամբ կը համբերէք անմիտներուն։ Կը համբերէք, նոյնիսկ եթէ մէկը ձեզ ծառայեցնէ, եթէ մէկը ձեր ստացուածքը ուտէ, եթէ մէկը ձեզմէ բան մը առնէ, եթէ մէկը ձեր վրայ հպարտանայ, եթէ մէկը ձեր երեսին զարնէ։ Ամչնալով կը խօսիմ, իբր թէ մենք տկար էինք, բայց ինչ բանով որ կը համարձակի մէկը պարծենալ, (անմտութեամբ կը խօսիմ,) ե՛ս ալ կը համարձակիմ։ Անոնք Եբրայեցի՞ են, ե՛ս ալ։ Իսրայէլացի՞ են, ե՛ս ալ։ Աբրահամի՞ն սերունդէն են, ե՛ս ալ։ Քրիստոսի՞ն պաշտօնեաներ են, (յիմարաբար կը խօսիմ,) ա՛լ աւելի ես։ Աշխատանքներով՝ աւելի, ծեծերով՝ ա՛լ աւելի, բանտարկութիւններով՝ աւելի, մահուան վտանգներով ՝ շատ անգամ։ Հրեաներէն հինգ անգամ քառասունէն մէկ պակաս ծեծ կերայ։ Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ։ Մէկ անգամ քարկոծուեցայ։ Երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպեցայ։ Գիշեր մը ու ցորեկ մը ծովուն անդունդը մնացի։ Շատ անգամ ճամբորդութիւններու մէջ չարչարուեցայ. գետերէն՝ վտանգներ, աւազակներէն՝ վտանգներ, իմ ազգէս՝ վտանգներ, հեթանոսներէն՝ վտանգներ, քաղաքի մէջ՝ վտանգներ, անապատի մէջ՝ վտանգներ, ծովու վրայ՝ վտանգներ՝ սուտ եղբայրներու մէջ վտանգներ կրեցի ։ Ջանքի ու աշխատանքի մէջ, շատ անգամ անքուն գիշերներու, անօթութեան ու ծարաւի մէջ, շատ անգամ ծոմ կենալու մէջ, ցուրտի ու մերկութեան մէջ էի։ Մոռնանք արտաքին նեղութիւնները ։ Ամէն օրուան զբաղումները, բոլոր եկեղեցիներուն հոգը վրաս կը դիզուէր։ Ո՞վ կը տկարանայ ու ես չեմ տկարանար։ Ո՞վ կը գայթակղի ու իմ սիրտս չայրիր։ Եթէ պարծենալ պէտք ըլլայ, միայն տկարութեանս բաներուն վրայ կրնամ պարծենալ։ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ յաւիտեան օրհնեալ է, գիտէ թէ սուտ չեմ խօսիր։ Դամասկոսի մէջ Արետա թագաւորին ազգապետը զիս բռնելու համար՝ դռներուն քով պահապաններ դրեր էր։ Զիս պատուհանէ մը զամբիւղով պարիսպէն վար իջեցուցին ու անոր ձեռքէն փախայ։ Պարծենալը իրաւցընէ անօգուտ է. միայն թէ Տէրոջը տեսիլքներուն ու յայտնութիւններուն հասնիմ։ Մարդ մը կը ճանչնայի Քրիստոսով, որ տասնըչորս տարի առաջ (մարմինո՞վ էր՝ չեմ գիտեր, կամ առա՞նց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ), յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը։ Ու կը ճանչնայի ուրիշ մարդ մը, (մարմնո՞վ թէ առանց մարմնի՝ չեմ գիտեր, Աստուած գիտէ) Որ դրախտ յափշտակուեցաւ ու լսեց անպատմելի խօսքեր, որոնց մասին արժան չէ խօսիլ։ Ես այնպիսիին համար պիտի պարծենամ. բայց իմ անձիս համար պիտի չպարծենամ, հապա միայն տկարութեանս վրայ։ Վասն զի եթէ պարծենալ ալ ուզեմ, անմիտ պիտի չըլլամ, որովհետեւ շիտակը պիտի խօսիմ. բայց կը խնայեմ խօսքս ՝ որ չըլլայ թէ մէկը իմ վրաս աւելի համարում ունենայ, քան որչափ իմ վրաս կը տեսնէ կամ ինծմէ կը լսէ։ Որպէս զի չըլլայ որ ես հպարտանամ խիստ շատ յայտնութիւններուն համար։ Ինծի մարմնի խայթոց մը տրուեցաւ, Սատանայի հրեշտակ մը, զիս նեղելու համար, որպէս զի չըլլայ թէ հպարտանամ։ Ասոր համար երեք անգամ աղաչեցի Տէրոջը, որ մէկդի ընէ ինծմէ։ Ու ըսաւ ինծի. «Իմ շնորհքս հերիք է քեզի, վասն զի իմ զօրութիւնս տկարութեան մէջ կը կատարուի»։ Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէս զի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։ Անոր համար համաձայնած եմ տկարութիւններու, նախատինքներու, տառապանքներու, հալածանքներու եւ նեղութիւններու՝ Քրիստոսին համար, վասն զի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ։ Ես անմիտ եղայ պարծենալով։ Դուք ստիպեցիք զիս. վասն զի պէտք էր ձեզմէ վկայութիւն առնէի, քանզի ես երեւելի առաքեալներէն բանով մը պակաս չգտնուեցայ, թէեւ ես ոչինչ եմ։ Յիրաւի ձեր մէջ առաքեալի նշաններ գործուեցան ամէն համբերութիւնով, նշաններով եւ սքանչելիքներով ու զօրութիւններով։ Վասն զի ալ ի՞նչ կայ, որով պակաս գտնուեցաք ուրիշ եկեղեցիներէ, միայն անով՝ որ ես ձեզի ձանձրութիւն չտուի։ Ներեցէ՛ք ինծի այդ յանցանքը։ Ահա այս երրորդ անգամն է որ կը պատրաստուիմ ձեզի գալու. բայց ես ձեզի ձանձրութիւն պիտի չտամ, վասն զի ձեր ունեցածը չեմ փնտռեր, հապա՝ ձեզ. որովհետեւ որդիները պարտաւոր չեն ծնողքներուն համար բան դիզել, հապա ծնողքները՝ որդիներուն համար։ Ես մեծ յօժարութեամբ ծախք պիտի ընեմ ու ծախք պիտի ըլլամ ալ ձեր անձերուն համար, թէպէտեւ ձեզ աւելի սիրելովս ձեզմէ քիչ սիրուիմ ալ։ Սակայն ես ձեզի ծանրութիւն մը չտուի, բայց գուցէ մէկը ըսէ թէ խորագէտ ըլլալովս նենգութեամբ ձեզ բռնեցի։ Միթէ իմ ձեզի ղրկածներէս մէկուն ձեռքով ձեզմէ բան մը քաշեցի՞։ Տիտոսին աղաչեցի ու անոր հետ այն եղբայրը ղրկեցի. միթէ Տիտոս ձեզմէ բան մը քաշե՞ց. չէ՞ որ երկուքս ալ նոյն հոգիով քալեցինք, չէ՞ որ նոյն ճամբով պտըտեցանք ։ Դարձեալ, կը կարծէք թէ ձեր առջեւ ջատագովութի՞ւն կ’ընենք մեր անձերուն. Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսով կը խօսինք։ Ամէն բան, սիրելիներ, ձեր շինութեանը համար է. Քանզի կը վախնամ որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ ձեզ ուզածիս պէս չգտնեմ եւ ես ալ ձեզի ձեր ուզածին պէս չգտնուիմ. չըլլայ թէ ձեր մէջ գտնուին վէճեր, նախանձներ, սրտմտութիւններ, կամ գրգռութիւններ, չարախօսութիւններ, բանսարկութիւններ, ամբարտաւանութիւններ, խռովութիւններ. Չըլլայ թէ երբ նորէն գամ, իմ Աստուածս զիս նկուն ընէ ձեր քով ու սուգ ընեմ շատերուն համար, որոնք առաջուընէ մեղք գործեցին ու չապաշխարեցին իրենց գործած պղծութեանը եւ պոռնկութեանը ու գիջութեանը վրայ։ Այս երրորդ անգամն է ձեզի կու գամ. երկու կամ երեք վկաներու բերնէ պիտի հաստատուի ամէն բան։ Նախապէս ըսեր եմ եւ նորէն կանխաւ կ’ըսեմ (որպէս թէ երկրորդ անգամ ներկայ կը գտնուիմ՝ թէեւ հիմա հեռուէն կը գրեմ) առաջուան մեղանչողներուն եւ բոլոր միւսներուն, որ եթէ նորէն գամ՝ պիտի չխնայեմ. Քանի որ Քրիստոսին ինծմով խօսելուն ապացոյցը կը փնտռէք։ Ան ձեր վրայ տկարացած չէ, հապա ձեր մէջ զօրացած է. Որ թէպէտ խաչուեցաւ տկարութիւնով, բայց կենդանի է Աստուծոյ զօրութիւնով. քանզի մենք ալ թէպէտ կը տկարանանք անով, բայց կենդանի պիտի ըլլանք անոր հետ Աստուծոյ զօրութիւնովը ձեր մէջ։ Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը. չէ՞ք գիտեր թէ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջն է, միայն եթէ անպիտան չըլլաք։ Բայց կը յուսամ որ պիտի գիտնաք թէ մենք խոտելի չենք։ Կը խնդրեմ Աստուծմէ որ դուք չարութիւն մը չընէք. ո՛չ թէ՝ որպէս զի մենք ընտիր երեւինք, հապա որպէս զի դուք բարին գործէք, թէեւ մենք անպիտան երեւնանք։ Վասն զի ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, հապա ճշմարտութեան համար։ Քանզի ուրախ ենք՝ երբ մենք կը տկարանանք ու դուք զօրաւոր կ’ըլլաք եւ մենք ալ այդ ձեր հաստատութեանը համար կ’աղօթենք։ Ուստի ասիկա կը գրեմ ձեզի հեռուէն, որ չըլլայ թէ երբ գամ՝ սաստկութեամբ վարուիմ այն իշխանութեանը համեմատ, որ Տէրը ինծի տուաւ շինելու եւ ո՛չ թէ քակելու համար։ Վերջապէս, եղբայրներ, ո՛ղջ եղէք, հաստա՛տ կեցէք, մխիթարուեցէ՛ք, միաբան եղէք, խաղաղութիւն ըրէք եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։ Բարեւ տուէք իրարու սուրբ համբոյրով։ Բարեւ կ’ընեն ձեզի բոլոր սուրբերը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը եւ Աստուծոյ սէրը ու Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։ Պօղոս, առաքեալ եղած, ո՛չ թէ մարդոցմէ, կամ ո՛չ թէ մարդու ձեռքով, հապա Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով եւ Հօր Աստուծոյ՝ որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց Եւ բոլոր եղբայրները, որոնք ինծի հետ են՝ Գաղատիոյ եկեղեցիներուդ. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Հօր Աստուծմէն ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսէն, Որ իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէս զի մեզ փրկէ հիմակուան չար աշխարհէն՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը կամքին համեմատ, Որուն փառք հաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։ Կը զարմանամ որ շուտով կը լքէք այն մէկը, որ ձեզ Քրիստոսի շնորհքին կանչեց եւ կը դառնաք ուրիշ աւետարանի. Մինչ ուրիշ աւետարան չկայ բայց կան ոմանք որոնք ձեզ կը խռովեցնեն ու կ’ուզեն Քրիստոսին աւետարանը խանգարել, Բայց եթէ մենք, կամ երկնքէն հրեշտակ մը գայ, աւետարանէ ձեզի անկէ տարբերը՝ որ մենք աւետարանեցինք ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ։ Ինչպէս առաջ ըսինք, հիմա ալ նորէն կ’ըսեմ. «Եթէ մէկը ձեր ընդունածէն ուրիշ աւետարան քարոզելու ըլլայ ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ»։ Քանզի հիմա մարդի՞կ կը հաճեցնեմ, թէ՝ Աստուած. կամ մարդո՞ց հաճելի ըլլալ կը փնտռեմ։ Քանզի եթէ ես տակաւին մարդոց հաճելի ըլլայի, ա՛լ Քրիստոսին ծառայ չէի ըլլար։ Կը ծանուցանեմ ձեզի, եղբայրներ, այն աւետարանը որ ինծմէ քարոզուեցաւ, թէ անիկա մարդու բան չէ։ Որովհետեւ ես ալ մարդէ չառի զանիկա, եւ մէկէ՛ն ալ չսորվեցայ, հապա Յիսուս Քրիստոսին յայտնութենէն։ Վասն զի լսած էք դուք իմ նախկին վարմունքս Հրէութեան մէջ, ինչպէ՜ս չափէ դուրս կը հալածէի Աստուծոյ եկեղեցին ու կը կործանէի զանիկա Եւ իմ հայրենի աւանդութիւններուս խիստ նախանձախնդիր ըլլալով՝ իմ ազգիս մէջ եղած շատ հասակակիցներէս աւելի յառաջադէմ էի Հրէութեան մէջ։ Բայց երբ Աստուած ուզեց, (որ որոշեց զիս իմ մօրս որովայնէն եւ իր շնորհքովը զիս կանչեց,) Ինծի իր Որդին յայտնել, որպէս զի զանիկա հեթանոսներուն մէջ քարոզեմ, նոյն ատեն բան մը չիմացուցի մարմնին ու արիւնին, Ո՛չ ալ Երուսաղէմ ելայ ինծմէ առաջ առաքեալ եղողներուն քով, հապա Արաբիա գացի ու նորէն Դամասկոս դարձայ։ Ապա՝ երեք տարի յետոյ Երուսաղէմ գացի Պետրոսը տեսնելու եւ տասնըհինգ օր անոր քով կեցայ. Սակայն առաքեալներէն ուրիշ մէկը չտեսայ, բայց միայն Յակոբոսը՝ Տէրոջը եղբայրը։ Բայց աս որ կը գրեմ ձեզի՝ ահա Աստուծոյ առջեւ կը հաստատեմ, որ սուտ չեմ խօսիր։ Անկէ ետքը գացի Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ կողմերը Եւ զիս դէմ առ դէմ չէին ճանչնար այն եկեղեցիները՝ որոնք Հրէաստանի մէջ էին Քրիստոսով. Միայն թէ անոնք լսած էին թէ՝ «Ան որ ատենօք մեզ կը հալածէր, հիմա ինք այն հաւատքը կը քարոզէ՝ որ ատեն մը կը կործանէր» Ու ինծմով Աստուած կը փառաւորէին։ Տասնըչորս տարի յետոյ նորէն Երուսաղէմ գացի Բառնաբասին հետ՝ Տիտոսն ալ մէկտեղ առնելով։ Ելայ յայտնութիւնով ու անոնց իմացուցի այն աւետարանը՝ որ հեթանոներուն մէջ կը քարոզեմ, բայց առանձին անոնց՝ որոնք երեւելիներ էին, որ չըլլայ թէ պարապ տեղ վազեմ կամ վազած ըլլամ։ Բայց ինծի հետ եղող Տիտոսն ալ, որ Յոյն էր, չպարտաւորուեցաւ թլփատուիլ. Մանաւանդ ներս սպրդող սուտ եղբայրներուն համար՝ որոնք սահելով ներս մտան Քրիստոս Յիսուսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու համար, որպէս զի մեզ ծառայեցնեն. Որոնց նոյնիսկ քիչ մը ատեն մտիկ չըրինք, որպէս զի աւետարանին ճշմարտութիւնը հաստատուն մնայ ձեր մէջ։ Բայց անոնք որ բան մը կը կարծուէին, ինչ որ էին՝ այն իմ հոգս չէ. Աստուած մարդոց աչառութիւն չ’ըներ, վասն զի այնպէս կարծուածները բան մը չիմացուցին ինծի։ Հապա անոր հակառակը՝ երբ տեսան թէ անթլփատներուն աւետարանը ինծի յանձնուած է, ինչպէս Պետրոսին ալ՝ թլփատուածներունը, (Վասն զի ան որ Պետրոսին յաջողութիւն տուաւ թլփատուածներուն առաքելութիւն ընելու, ինծի ալ՝ հեթանոսներունը,) Ու երբ ինծի տրուած շնորհքը գիտցան ու Յակոբոսն ու Կեփասը եւ Յովհաննէսը, որոնք սիւներ սեպուած էին, աջ ձեռքերնին տուին ինծի ու Բառնաբասին՝ ի նշան հաղորդակցութեան, որպէս զի մենք հեթանոսներուն մէջ երթանք ու անոնք՝ թլփատուածներուն. Միայն թէ կը կամենային որ աղքատները յիշենք եւ ես ալ աշխատեցայ բան մը ընել։ Երբ Պետրոս Անտիոք եկաւ, ես անոր դէմ կեցայ. որովհետեւ ինք մեղադրելի էր։ Վասն զի դեռ Յակոբոսին քովէն մէկ քանի հոգի չեկած, ինք հեթանոսներուն հետ անխտրաբար կ’ուտէր. բայց երբ եկան՝ մէկդի կը քաշուէր եւ ինքզինք կը զատէր, վախնալով թլփատուածներէն։ Եւ անոր հետ կեղծաւորուեցան միւս Հրեաներն ալ, այնպէս որ Բառնաբաս ալ անոնց կեղծաւորութեանը հակեցաւ։ Բայց ես երբ տեսայ թէ աւետարանին ճշմարտութեանը մէջ շիտակ չեն քալեր, ամենուն առջեւ Պետրոսին ըսի. «Եթէ դուն, որ Հրեայ ես, հեթանոսի պէս ու ո՛չ թէ Հրեայի պէս կ’ապրիս, ի՞նչպէս հեթանոսները կը ստիպես Հրեայի պէս վարուելու»։ Մենք որ բուն Հրեայ ենք եւ ոչ թէ հեթանոս մեղաւորներ, Գիտնալով՝ թէ մարդ օրէնքին գործերէն չի կրնար արդարանալ, հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքէն, մենք ալ Քրիստոս Յիսուսին հաւատացինք՝ որպէս զի արդարանանք Քրիստոսին հաւատքով եւ ո՛չ թէ օրէնքին գործերով, որովհետեւ օրէնքին գործերով ոչ ոք պիտի արդարանայ։ Իսկ եթէ մենք կ’ուզենք Քրիստոսով արդարանալ, մեղաւո՞ր գտնուինք, ուրեմն Քրիստոս մեղքի պաշտօնեա՞յ եղաւ։ Քա՛ւ լիցի։ Քանզի եթէ իմ քակած բաներս նորէն կը շինեմ, իմ անձս յանցաւոր կը ցուցնեմ։ Վասն զի ես օրէնքով մեռայ օրէնքին, որպէս զի Աստուծոյ կենդանի ըլլամ։ Քրիստոսին հետ խաչը ելայ եւ ալ կենդանի եմ ո՛չ թէ ես, հապա Քրիստոս կենդանի է իմ մէջս. բայց ես որ հիմա մարմնովս կ’ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց։ Ես Աստուծոյ շնորհքը չեմ խափաներ. վասն զի եթէ արդարութիւնը օրէնքէն էր, ուրեմն Քրիստոս պարապ տեղ մեռաւ։ Ո՜վ անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ ձեզ հրապուրեց, որոնց աչքերուն առջեւ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջ խաչը ելած նկարագրուեցաւ։ Ասիկա միայն կ’ուզեմ ձեզի հարցնել. «Օրէնքին գործերո՞վը դուք Հոգին առիք՝ թէ հաւատքին լսելովը»։ Այդչափ անմի՞տ էք. հոգիով սկսաք ու հիմա մարմնո՞վ կը վերջացնէք։ Այնչափ դիպուածները պարապ տե՞ղ ձեր վրայէն անցան, (եթէ պարապ ըլլայ ալ)։ Ուստի ան որ ձեզի Հոգին բաշխեց եւ ձեր մէջ զօրութիւններ գործեց, օրէնքին գործերո՞վն էր՝ թէ հաւատքին լսելովը։ Ինչպէս Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու անոր արդարութիւն սեպուեցաւ։ Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ անոնք որ հաւատքէն են՝ անոնք են Աբրահամին որդիները։ Գիրքը նախապէս գիտնալով թէ Աստուած հեթանոսները հաւատքով կ’արդարացնէ, կանուխէն աւետիս տուաւ Աբրահամին՝ թէ «Քեզմով պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը»։ Ուստի անոնք որ հաւատքէն են, կ’օրհնուին հաւատացեալ Աբրահամին հետ։ Վասն զի անոնք որ օրէնքին գործերէն են, անէծքի տակ են. վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ ըլլայ ամէն մարդ՝ որ օրէնքին գրքին բոլոր գրածներուն մէջ չի կենար, որպէս զի զանոնք կատարէ»։ Եւ թէ օրէնքով մէ՛կը չի կրնար արդարանալ Աստուծոյ առջեւ, այդ յայտնի է. քանզի «Արդարը հաւատքով պիտի ապրի»։ Բայց օրէնքը հաւատքէն չէ, հապա «Ան որ կը կատարէ այն բաները՝ անոնցմով պիտի ապրի»։ Քրիստոս մեզ ծախու առաւ օրէնքին անէծքէն՝ ինք մեզի համար անիծուեցաւ. (վասն զի գրուած է թէ՝ «Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի».) Որպէս զի Աբրահամին օրհնութիւնը հեթանոսներուն վրայ ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով. որպէս զի մենք ալ հոգիին խոստումները առնենք հաւատքով։ Մարդու սովորութեան պէս կը խօսիմ, եղբա՛յրներ. իրաւ որ մարդու մը հաստատած կտակը մէ՛կը չի խափաներ, ո՛չ ալ անոր վրայ ուրիշ բան մը կ’աւելցնէ։ Արդ՝ խոստումները Աբրահամին ու անոր սերունդին եղան. քանզի չըսեր. «Եւ քու սերունդներուդ», որպէս թէ շատերու համար, հապա որպէս թէ մէկի համար «Եւ քու սերունդիդ», որ Քրիստոս է։ Բայց այս կ’ըսեմ. «Այն կտակը որ նախապէս Աստուծմէ հաստատուեցաւ Քրիստոսով, որով Օրէնքը որ չորս հարիւր երեսուն տարի յետոյ դրուեցաւ, չի կրնար անվաւեր դարձնել խոստումները եւ խափանել։ Վասն զի եթէ ժառանգութիւնը օրէնքէն ըլլայ, ուրեմն ա՛լ խոստումէն չըլլար. բայց Աստուած Աբրահամին խոստումով շնորհեց։ Հապա ինչո՞ւ համար է օրէնքը։ Օրէնքը աւելցաւ յանցանքը յայտնելու համար, (մինչեւ գայ այն սերունդը՝ որուն խոստացուեր էր,) միջնորդի մը ձեռքով՝ հրեշտակներէ տրուած։ Բայց միջնորդը մէկի միջնորդ չէ. սակայն Աստուած մէկ է։ Ուրեմն օրէնքը հակառա՞կ բան մըն է Աստուծոյ խոստումներուն։ Քա՛ւ լիցի. քանզի եթէ տրուած ըլլար այնպիսի օրէնք մը, որ կարող ըլլար կենդանացնել, այն ատեն իրաւցընէ արդարութիւնը օրէնքէն կ’ըլլար։ Բայց գիրքը բոլոր աշխարհը մեղքի տակ կը ցուցնէ, որպէս զի խոստումը Յիսուս Քրիստոսին հաւատքովը տրուի հաւատացեալներուն։ Բայց քանի որ հաւատքը չէր եկած, օրէնքին տակ գոցուած կը պահուէինք, սպասելով այն հաւատքին, որ պիտի յայտնուէր։ Ուրեմն օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերե լու, որպէս զի մենք հաւատքով արդարանանք։ Բայց երբ հաւատքը եկաւ, ալ օրէնքի տակ չենք։ Վասն զի ամէնքդ ալ Աստուծոյ որդիներ էք, Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքով։ Քանզի դուք ամէնքդ որ Քրիստոսով մկրտուեցաք, Քրիստոսը վրանիդ հագաք. Այսուհետեւ ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ ալ Յոյն. ո՛չ ծառայ կայ, ո՛չ ալ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ ալ էգ. վասն զի դուք ամէնքդ ալ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով։ Ապա եթէ դուք Քրիստոսինն էք, ուրեմն Աբրահամին սերունդն էք ու խոստումին նայելով՝ ժառանգորդներ։ Բայց այս կ’ըսեմ որչափ ժամանակ որ ժառանգորդը մանուկ է, ծառայէ տարբերութիւն չունի, թէեւ ամենուն տէրն է. Հապա խնամակալներու ու հոգաբարձուներու տակ է մինչեւ հօրը որոշած ժամանակը։ Նոյնպէս մենք ալ երբ մանուկ էինք, աշխարհի սկզբունքներուն տակ ծառայ էինք։ Բայց երբ ժամանակը լեցուեցաւ, Աստուած իր Որդին ղրկեց, որ կնոջմէ եղաւ ու օրէնքի տակ մտաւ. Որպէս զի օրէնքի տակ եղողները փրկէ եւ որպէս զի մենք որդեգրութիւնը ընդունինք։ Որովհետեւ դուք որդիներ էք, Աստուած իր Որդիին Հոգին ձեր սրտերուն մէջ ղրկեց, որ կ’աղաղակէ «Աբբա՛ Հայր»։ Ուստի ա՛լ ծառայ չես, հապա՝ որդի եւ եթէ որդի՝ ա՛լ Աստուծոյ ժառանգորդը Քրիստոսով։ Բայց այն ատեն որ չէիք ճանչնար Աստուած, կը ծառայէիք անոնց՝ որոնք ի բնէ աստուածներ չէին։ Սակայն հիմա որ ճանչցաք Աստուած, մանաւանդ որ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս նորէն կը դառնաք այն տկար ու չքաւոր սկզբունքներուն, որոնց նորէն ծառայութիւն կ’ուզէք ընել։ Օրերը կը զանազանէք ու ամիսները եւ ժամանակները ու տարիները։ Կը վախնամ թէ գուցէ պարապ տեղ ձեր վրայ աշխատած եմ։ Ինծի պէս եղէք, վասն զի ես ալ ձեզի պէս եղայ, եղբայրնե՛ր, ձեզի կ’աղաչեմ. դուք ինծի վնաս մը հասցուցած չէք։ Դուք գիտէք թէ առաջին անգամ մարմնիս տկարութիւնովը ձեզի աւետարանը քարոզեցի. բայց իմ մարմնիս վրայ կրած փորձութիւնս Չանարգեցիք ու չարհամարհեցիք, հապա Աստուծոյ հրեշտակի մը պէս զիս ընդունեցիք՝ Քրիստոս Յիսուսին պէս։ Ուրեմն ի՞նչ բանի համար էր այն ձեր երանութիւնը. քանզի ես կը վկայեմ ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար, ձեր աչքերը պիտի հանէիք ու ինծի տայիք։ Ուստի ձեր թշնամի՞ն եղայ ձեզի ճշմարիտը խօսելուս համար։ Անոնք ձեր մասին հոգ կ’ընեն ո՛չ թէ բարիին համար, այլ կ’ուզեն ձեզ արգիլել, որպէս զի իրե՛նց մասին հոգ ընէք։ Սակայն աղէկ է ամէն ատեն բարիին նախանձախնդիր ըլլալ, ո՛չ թէ միայն երբ ձեր մէջ ըլլամ։ Իմ որդեակներս, ձեզմով նորէն ծննդական ցաւ կը քաշեմ, մինչեւ Քրիստոս ձեր մէջ ձեւակերպուի։ Կ’ուզէի հիմա ձեր մէջ ներկայ ըլլալ ու փոխել իմ ձայնս. վասն զի ես ձեր վրայով տարակուսած եմ։ Ըսէ՛ք ինծի, դուք որ օրէնքին տակ կ’ուզէք ըլլալ, օրէնքը չէ՞ք լսեր։ Վասն զի գրուած է թէ Աբրահամ երկու որդի ունէր, մէկը՝ աղախինէն ու միւսը՝ ազատ կնոջմէն։ Բայց ան որ աղախինէն էր, մարմնի կողմանէ ծնած էր, իսկ ան որ ազատ կնոջմէն՝ խոստումին համեմատ։ Այս բաները այլաբանօրէն կը մեկնուին. վասն զի ասոնք են երկու կտակարանները, մէկը Սինա լեռնէն՝ որ ծառայութեան համար կը ծնանի, որ է Հագար. Վասն զի Հագար Արաբիոյ մէջ Սինա լեռն է եւ կը համեմատի հիմակուան Երուսաղէմին, որ իր զաւակներով մէկտեղ կը ծառայէ։ Բայց վերի Երուսաղէմը ազատ է, որ մեր ամենուն մայրն է։ Վասն զի գրուած է. «Ո՛վ չծնանող ամուլ, ցնծա՛. ո՛վ ծննդական ցաւ չքաշող, գոչէ՛ եւ աղաղակէ՛. քանզի երեսէ ձգուածին տղաքները այր ունեցողին տղաքներէն շատ պիտի ըլլան»։ Ուստի մենք, եղբայրներ, Իսահակին պէս խոստումի որդիներ ենք։ Բայց ինչպէս այն ատեն մարմնի կողմանէ ծնածը կը հալածէր զանիկա որ հոգիին կողմանէ էր, նոյնպէս ալ հիմա։ Բայց գիրքը ի՞նչ կ’ըսէ. «Դուրս հանէ այդ աղախինը ու անոր որդին, վասն զի աղախինին որդին ազատ կնոջը որդիին հետ ժառանգութիւն պիտի չառնէ»։ Ուստի, եղբա՛յրներ, մենք աղախինին զաւակները չենք, հապա՝ ազատին։ Ամուր կեցէք այն ազատութիւնով, որով Քրիստոս մեզ ազատեց եւ նորէն ծառայութեան լուծի տակ մի՛ մտնէք։ Ահա ես՝ Պօղոսս՝ կ’ըսեմ ձեզի. «Եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ձեզի օգուտ մը չըներ»։ Դարձեալ ամէն թլփատուող մարդու կը յայտնեմ թէ պարտական է բոլոր օրէնքները կատարել։ Խափանուած էք Քրիստոսէն եւ շնորհքէն ինկած, եթէ օրէնքով կ’արդարանաք։ Վասն զի Հոգիով կը սպասենք արդարութեան յոյսին՝ հաւատքով։ Վանս զի Քրիստոս Յիսուսին քով ո՛չ թլփատութիւնը բանի մը կարող է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւատքը, որ սիրով կը գործադրուի։ Դուք աղէկ կը վազէիք. ո՞վ ձեզ ետ կեցուց՝ որ ճշմարտութեան չհնազանդիք։ Այս դրդումը անկէ չէ՝ որ ձեզ կանչեց։ Քիչ մը խմորը բոլոր զանգուածը կը խմորէ։ Բայց ես յոյս ունիմ ձեր վրայ Տէրոջմով, որ ուրիշ կերպ բան պիտի չխորհիք։ Ան որ ձեզ կը խռովեցնէ, ինք դատապարտութիւն պիտի կրէ՝ ո՛վ որ ըլլայ։ Սակայն, եղբայրներ, եթէ ես տակաւին թլփատութիւն կը քարոզեմ, ալ ինչո՞ւ կը հալածուիմ։ Ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը խափանուած է։ Երանի՜ թէ արմատէն կտրուէին անոնք, որ ձեզ կը խռովեցնեն։ Վասն զի դուք ազատութեան կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմնի ցանկութիւններու պատճառ չըլլայ, հապա սիրով իրարու ծառայութիւն ըրէք։ Վասն զի բոլոր օրէնքը այս մէկ խօսքին մէջ կ’ամփոփուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ Ապա եթէ իրար խածնէք եւ ուտէք, զգոյշ կեցէք որ չըլլայ թէ իրար սպառէք։ Միայն թէ այս կ’ըսեմ. «Հոգիով գացէք ու մարմնին ցանկութիւնը պիտի չկատարէք»։ Վասն զի մարմինը կը ցանկայ Հոգիին հակառակ ու հոգին՝ մարմնին հակառակ եւ ասոնք իրարու հակառակ են, որ չըլլայ թէ ինչ որ ուզէք՝ այն ընէք։ Բայց եթէ Հոգիէն առաջնորդուիք, ա՛լ օրէնքին տակ չէք ըլլար։ Արդ մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, Կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, Չար նայուածքներ, մարդասպաննութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են. զոր հիմակուընէ ես ձեզի կ’ըսեմ, ինչպէս առաջուընէ ալ կ’ըսէի, որ այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, Քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ։ Անոնք որ Քրիստոսիններն են՝ իրենց մարմինը խաչը կը հանեն բնական կրքերով ու ցանկութիւններով մէկտեղ։ Հոգիով ապրինք, Հոգիին համեմատ քալենք։ Սնապարծ չըլլանք՝ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով։ Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս։ Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք։ Քանզի եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ։ Բայց ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ։ Վասն զի ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ։ Խօսքին աշակերտութիւն ընողը իր վարդապետը ամէն բարի բանի մասնակից ընէ։ Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։ Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ ու ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ։ Բայց բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք։ Ուստի՝ քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն։ Նայեցէ՛ք՝ ի՛նչպիսի գրերով գրեցի ձեզի իմ ձեռքովս։ Որոնք որ կ’ուզեն մարմնի կողմանէ բարի երեւնալ, անոնք ձեզ կը ստիպեն որ թլփատուիք, որպէս զի Քրիստոսին խաչին համար չհալածուին։ Քանզի անոնք ալ որ թլփատուած են, իրենք օրէնքը չեն պահեր, հապա կ’ուզեն որ դուք թլփատուիք, որպէս զի իրենք ձեր մարմնով պարծենան։ Բայց ես՝ քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին։ Վասն զի Քրիստոս Յիսուսով ո՛չ թլփատութիւնը բան մըն է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա նոր ստեղծուած ըլլալն է բանը ։ Ան ամէնը որ այս կանոնին համեմատ կը քալեն, խաղաղութիւն ու ողորմութիւն ըլլայ անոնց վրայ ու Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ։ Ասկէ յետոյ մէ՛կը զիս թող չյոգնեցնէ. վասն զի ես Տէր Յիսուսին վէրքին նշանները իմ մարմնիս վրայ կը կրեմ։ Եղբա՛յրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր հոգիին հետ ըլլայ։ Ամէն։ Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը Աստուծոյ կամքովը՝ Եփեսոսի մէջ եղած սուրբերուն եւ Յիսուս Քրիստոսին հաւատացողներուն. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի՝ Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Օրհնեալ է Աստուած եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը, որ մեզ օրհնեց ամէն հոգեւոր օրհնութիւններով՝ երկնաւորներուն մէջ՝ Քրիստոսով. Ինչպէս մեզ անով աշխարհի սկիզբէն առաջ ընտրեց, որպէս զի մենք սիրով սուրբ ու անարատ ըլլանք իր առջեւ։ Առաջուընէ Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով մեզ իրեն որդեգիր ըլլալու սահմանեց իր կամքին հաճութեանը պէս, Իր փառաւոր շնորհքին գովութեանը համար, որով մեզ զարդարեց Սիրելիին ձեռքով. Որով փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն՝ իր շնորհքին ճոխութեան չափովը, Որ մեր վրայ աւելցուց իմաստութեամբ ու գիտութեամբ, Մեզի յայտնելով իր կամքին խորհուրդը՝ իր հաճութեանը պէս, որ իր մէջ՝ ՝ նախասահմաներ էր. Որպէս զի ժամանակներուն լրանալուն տնտեսութեանը մէջ ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով, ինչ որ երկինքը ու ինչ որ երկրի վրայ կայ։ Անով՝ մենք ալ ժառանգութիւն առինք, որ որոշուած էր անոր նախասահմանութիւնովը, որ ամէն բան իր կամքին խորհուրդովը կը գործադրուի։ Որպէս զի մենք անոր փառքին գովութիւն ըլլանք՝ առաջուընէ Քրիստոսին յուսացողներս. Որուն վրայ դուք ալ յուսացիք ՝ երբ լսեցիք ճշմարտութեան խօսքը, ձեր փրկութեան աւետարանը, որուն հաւատալով՝ խոստացեալ Սուրբ Հոգիին շնորհքովը կնքուեցաք. Որը մեր ժառանգորդ ըլլալուն գրաւականն է մինչեւ սեփականութիւնը դարձնենք իր փառքին գովութեանը համար։ Ուստի ես ալ, երբ լսեցի Տէր Յիսուսին վրայ ունեցած հաւատքնիդ ու բոլոր սուրբերուն վրայ ձեր ունեցած սէրը, Չդադրեցայ ձեզի համար գոհութիւն մատուցանելէ՝ ձեզ իմ աղօթքներուս մէջ յիշելով. Որպէս զի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Աստուածը՝ փառաց Հայրը՝ տայ ձեզի իմաստութեան ու յայտնութեան հոգին իր գիտութիւնովը։ Որպէս զի սրտերնուդ աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՞նչ է անոր ձեզ կանչելուն յոյսը ու ի՞նչ է անոր ժառանգութեանը փառքին ճոխութիւնը սուրբերուն մէջ Եւ ի՞նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ իր կարող զօրութեանը գործադրութիւնովը, Որ Քրիստոսին վրայ ի գործ դրաւ, երբ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց ու նստեցուց իր աջ կողմը երկնքի մէջ Ամէն իշխանութեան ու պետութեան եւ զօրութեան ու տէրութեան վրայ եւ ամէն անունի վրայ որ կը տրուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա գալիքին մէջ ալ Եւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուց եւ զանիկա որպէս եկեղեցիին գլուխը դրաւ բոլոր բաներուն վրայ։ Եկեղեցին անոր մարմինն է, անոր լրումը՝ որ կը լեցնէ ամէնը ամէն բանի մէջ։ Դուք յանցանքներու ու մեղքերու մէջ մեռած էիք, ինք ձեզ կենդանացուց ։ Անոնց մէջ ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ։ Անոնց մէջ մենք ամէնքս ալ կը պտըտէինք մեր մարմնին ցանկութիւններովը եւ մարմնին ու մտքին ուզածը կը կատարէինք եւ բնութեամբ բարկութեան որդիներ էինք՝ ինչպէս ուրիշներ. Բայց Աստուած, որ մեծ է ողորմութիւնով, իր առատ սիրովը, որով մեզ սիրեց, Երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսին հետ կենդանացուց, (դուք շնորհքով փրկուած էք,) Անոր հետ մեզ յարուցանեց ու անոր հետ նստեցուց երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով, Որպէս զի գալու դարերուն մէջ ցուցնէ իր շնորհքին գերազանց մեծութիւնը՝ Քրիստոս Յիսուսով մեզի ցուցուցած քաղցրութիւնովը։ Վասն զի շնորհքով փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է. Ո՛չ թէ գործերէն, որ մէ՛կը չպարծենայ. Վասն զի մենք անոր ձեռագործն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար։ Աստուած նախապէս պատրաստեց մեզ, որպէս զի անոնց մէջ քալենք։ Ուստի մտքերնիդ բերէք թէ դուք ատեն մը մարմնով հեթանոսներ ըլլալով, (որոնք անթլփատուած կը սեպուին անոնցմէ՝ որոնք թլփատուած կը կոչեն ինքզինքնին, մարմինի մէջ՝ ձեռքով եղած,) Որ այն ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք ու հեռացած էիք Իսրայէլի հասարակութենէն եւ օտարացած՝ խոստումին ուխտերէն ու յոյս մըն ալ չունէիք եւ աշխարհի մէջ անաստուած էիք։ Բայց հիմա Քրիստոս Յիսուսով դուք որ ատեն մը հեռաւոր էիք, մերձաւոր եղաք Քրիստոսին արիւնովը։ Վասն զի անիկա է մեր խաղաղութիւնը, որ երկուքը մէկ ըրաւ ու մէջտեղի բաժանող պատը, այսինքն իրարու հետ եղած թշնամութիւնը, իր մարմնովը քակեց Եւ հրամաններով եղած պատուիրանքներուն օրէնքը խափանեց. որպէս զի իրմով այն երկուքին տեղ նոր մարդ մը ստեղծէ ու ասով խաղաղութիւն ընէ Եւ երկուքն ալ մէկ մարմին եղած՝ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ իր խաչովը. վասն զի անով սպաննեց թշնամութիւնը Եւ եկաւ խաղաղութիւն քարոզեց ձեզի, որ հեռուն էիք ու անոնց՝ որ մօտ էին։ Քանզի անոր ձեռքով մենք երկուքս ալ մէկ Հոգիով՝ Հօրը մօտենալու արտօնութիւն ունինք։ Ուրեմն ա՛լ ասկէ յետոյ դուք օտար ու պանդուխտ չէք, հապա սուրբերուն քաղաքակիցները եւ Աստուծոյ ընտանիքը՝ Առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիման վրայ շինուած, որուն անկիւնին գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է. Որով բոլոր շէնքը մէկտեղ յարմարութեամբ կազմուած՝ կ’աճի սուրբ տաճար մը կ’ըլլայ Տէրոջմով. Որով դուք ալ մէկտեղ կը շինուիք՝ Աստուծոյ բնակարան ըլլալու Սուրբ Հոգիով։ Ուստի ես՝ Պօղոսս՝ Յիսուս Քրիստոսին բանտարկեալը ձեզի հեթանոսներուդ համար, Անշուշտ լսած էք թէ Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութիւնը, որ ինծի տրուած է ձեզի համար, Թէ այն խորհուրդը յայտնութիւնով ցուցուեցաւ ինծի. (ինչպէս նախապէս ալ ձեզի համառօտաբար գրեցի, Որը կրնաք կարդալ ու հասկնալ թէ ես տեղեակ եմ Քրիստոսին խորհուրդին.) Եւ որ ուրիշ դարերու մէջ մարդոց որդիներուն չերեւցաւ, ինչպէս հիմա Սուրբ Հոգիով յայտնուեցաւ իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն. Որպէս զի հեթանոսները Քրիստոսով ժառանգակից ու մարմնակից եւ անոր խոստումին հաղորդ ըլլան աւետարանով. Որուն ես սպասաւոր եղայ՝ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ ինծի տրուեցաւ իր զօրութեան ներգործութիւնովը, (Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն փոքրագոյնն եմ, այս շնորհքը տրուեցաւ,) հեթանոսներուն մէջ Քրիստոսին անքննելի ճոխութիւնը քարոզելու Եւ ամէնքը լուսաւորելու, որպէս զի գիտնան թէ ի՛նչ է այն խորհուրդին անօրէնութիւնը՝ որ յաւիտեանս ծածկուած էր Աստուծոյ քով, որ ամէն բան ստեղծեց. Որպէս զի հիմա Աստուծոյ բազմատեսակ իմաստութիւնը եկեղեցիին ձեռքով յայտնի ըլլայ երկինքը եղող իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն, Իր յաւիտենական նախասահմանութեանը համեմատ, որ ըրաւ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով. Որով մենք ալ համարձակութիւն ու մօտենալու արտօնութիւն ունինք վստահութեամբ՝ իրեն հաւատալով։ Ուստի կ’աղաչեմ որ չձանձրանաք իմ նեղութիւններուս պատճառաւ, որոնք ձեզի համար են եւ որոնք ձեր փառքն են։ Ասոր համար ծունկի վրայ գալով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրը առջեւ, Ուրկէ ամէն ազգատոհմ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ անուն կ’առնէ, Կ’աղաչեմ որ տայ ձեզի իր փառքին ճոխութեանը չափովը որ Հոգիին զօրութիւնով հաստատուի ներսի մարդուն մէջ. Որպէս զի Քրիստոս՝ հաւատքով ձեր սրտերուն մէջ բնակի եւ դուք սիրով արմատանաք ու հաստատուիք, Որպէս զի կարենաք հասկնալ բոլոր սուրբերուն հետ մէկտեղ, թէ ի՞նչ է լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը. Այսինքն ճանչնալ Քրիստոսին սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է, որպէս զի լեցուիք Աստուծոյ լրութիւնովը։ Ան որ կարող է աւելի առատացնել ամէն բան քան որ մենք կը խնդրենք կամ կը խորհինք, այն զօրութիւնովը որ մեր մէջ կը ներգործուի, Իրեն փառք եկեղեցիին մէջ Քրիստոս Յիսուսով բոլոր դարերուն մէջ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։ Արդ՝ կ’աղաչեմ ձեզի՝ ես որ Տէրոջը համար կապուած եմ, որ դուք այնպէս քալէք՝ ինչպէս կը վայլէ այն կոչումին որով կանչուեցաք, Լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնմտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով. Ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել. Մէկ մարմին ու մէկ հոգի, ինչպէս կանչուեցաք ձեր կոչումին մէկ յոյսովը. Տէրը մէկ է, հաւատքը մէկ, մկրտութիւնը մէկ. Մէկ է Աստուած եւ ամենուն Հայրը, որ ամենուն վրայ ու ամենուն հետ եւ ձեր ամենուն մէջն է։ Բայց մեր ամէն մէկուն ալ շնորհք տրուած է Քրիստոսին պարգեւին չափովը։ Անոր համար կ’ըսէ. «Բարձրը ելաւ, գերութիւնը գերի բռնեց ու մարդոց պարգեւներ տուաւ»։ Այս «Ելաւ» ըսելը ի՞նչ է, ըսել է թէ՝ ինք առաջ երկրի վարի կողմերը իջաւ։ Ան որ իջաւ՝ նոյն ինքն է, որ բոլոր երկինքներէն վեր ելաւ, որպէս զի ամէն բան լեցնէ։ Եւ ինք մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու, մէկ քանին՝ մարգարէներ, մէկ քանին՝ աւետարանիչներ, մէկ քանին՝ հովիւներ ու վարդապետներ. Սուրբերուն կատարելութեանը համար, պաշտօնին գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար. Մինչեւ ամէնքս ալ հասնինք հաւատքին ու Աստուծոյ Որդին ճանչնալուն միաբանութեանը, կատարեալ մարդ ըլլալու, Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու. Որպէս զի ա՛լ ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու. Հապա սիրով ճշմարտութեան հետեւելով՝ ամէն բան Անով աճեցնենք որ գլուխ է, այսինքն Քրիստոս. Որմէ բոլոր մարմինը մէկտեղ կազմուած եւ բոլոր յօդուածները իրարու հաղորդուելով կցուած՝ ամէն մէկ մասին չափով ներգործելով՝ սիրով մարմնին աճում կու տայ իրեն շինութեանը համար։ Ուստի կ’ըսեմ ու Տէրոջմով կը վկայեմ, որ դուք անգամ մըն ալ այնպէս չքալէք, ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն իրենց մտքին ունայնութեանը մէջ. Որոնց իմացականութիւնը խաւարած է ու օտարացած են Աստուծոյ կեանքէն, իրենց մէջ եղած տգիտութեան պատճառով եւ իրենց սրտին կուրութեանը համար. Որոնք անզգայ ըլլալով՝ ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին, ամէն կերպ պղծութիւն գործելու։ Բայց դուք այսպէս չսորվեցաք Քրիստոսը, Թէեւ անոր վրայով լսեցիք եւ անկէ սորվեցաք, թէ ճշմարտութիւնը Յիսուսին մէջ է, Որպէս զի ձեր վրայէն հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր Եւ ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք Եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է։ Ուստի ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին, վասն զի մենք իրարու անդամներ ենք։ Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք։ Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապելով՝ իր ձեռքերովը աշխատի, որպէս զի կարող ըլլայ տալ կարօտ եղողին։ Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ։ Եւ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին մի՛ տրտմեցնէք, որով դուք կնքուեցաք փրկութեան օրուանը համար։ Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ։ Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի։ Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, Եւ սիրով վարուեցէք, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու իր անձը մեզի համար մատնեց՝ անուշահոտ պատարագ ու զոհ ըլլալով Աստուծոյ։ Բայց պոռնկութեան եւ ամէն կերպ պղծութեան կամ ագահութեան անունը անգամ պէտք չէ յիշուի ձեր մէջ, (ինչպէս կը վայլէ սուրբերուն,) Եւ գարշելի բաներ կամ յիմարական խօսքեր կամ խեղկատակութիւն, որ չի վայլեր, այլ մանաւանդ՝ գոհութիւն։ Քանզի գիտէք՝ ՝, թէ ամէն պոռնիկ կամ պիղծ կամ ագահ, որ կռապաշտ է, Քրիստոսին ու Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ժառանգութիւն չունի։ Չըլլա՛յ որ մէկը ձեզ խաբէ փուճ խօսքերով, վասն զի այս բաներուն համար Աստուծոյ բարկութիւնը կու գայ անհնազանդութեան որդիներուն վրայ։ Ուստի անոնց հաղորդ մի՛ ըլլաք։ Քանզի թէեւ ատեն մը դուք խաւար էիք, բայց հիմա լոյս էք Տէրոջմով. ուստի լոյսի որդիներու պէս քալեցէք. Վասն զի Հոգիին պտուղը ամէն կերպ բարութիւնով, արդարութիւնով ու ճշմարտութիւնով է։ Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին. Ու կցորդ մի՛ ըլլաք խաւարին անպտուղ գործերուն, այլ մանաւանդ զանոնք յանդիմանեցէ՛ք։ Վասն զի անոնց մէջ գաղտուկ գործուած բաներու մասին խօսիլն ալ ամօթ է։ Բայց երբ բան մը լոյսի մէջ ցուցադրուած է՝ յայտնի կ’ըլլայ, վասն զի ամէն բան որ յայտնի կ’ըլլայ՝ լոյս է։ Անոր համար կ’ըսէ. «Արթնցի՛ր, դուն որ կը քնանաս եւ կանգնէ՛ մեռելներէն ու Քրիստոս քեզի լո՛յս պիտի տայ»։ Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, Հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են։ Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը։ Մի՛ գինովնաք գինիով, որուն մէջ անառակութիւն կայ, հապա Հոգիո՛վ լեցուեցէք։ Սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը ձեր սրտերուն մէջ։ Ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տուէք Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը։ Իրարու հնազանդ եղէ՛ք Աստուծոյ վախովը։ Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. Վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է ու ինք մարմնին Փրկիչն է։ Ուստի ինչպէս եկեղեցին հնազանդ կ’ըլլայ Քրիստոսին, նոյնպէս ալ կիները՝ ամէն բանի մէջ իրենց այրերուն։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար. Որպէս զի զանիկա սրբէ ու մաքրէ աւազանին ջրովը եւ խօսքով. Որպէս զի ինք իր դէմը փառաւոր կեցնէ եկեղեցին, որ արատ մը կամ աղտեղութիւն կամ ուրիշ ասոնց պէս բան մը չունենայ, հապա սուրբ ու անարատ ըլլայ։ Նոյնպէս ալ պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. Վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա, ինչպէս Տէրն ալ՝ եկեղեցին։ Վասն զի մենք անոր մարմնին անդամներն ենք, անոր մարմնէն ու անոր ոսկորներէն։ Ասոր համար մարդը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։ Այս խորհուրդը մեծ է, բայց ես կը խօսիմ Քրիստոսին ու եկեղեցիին վրայով։ Սակայն ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի։ Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանքն է խոստումով,) Որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ ու երկար կեանք ունենաս երկրի վրայ։ Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը։ Ծառանե՛ր, հնազանդ եղէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն ահով ու դողով՝ ձեր սրտին միամտութիւնովը, որպէս թէ Քրիստոսին։ Ո՛չ թէ մարդահաճոյի պէս աչքի առջեւ ծառայելով, հապա Քրիստոսի ծառաներու պէս՝ սրտանց Աստուծոյ կամքը ընելով. Յօժարութեամբ ծառայելով որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց. Գիտնալով որ ամէն մէկը ինչ բարիք որ ընէ, նոյնը Տէրոջմէն պիտի ընդունի, թէ՛ ծառայ ըլլայ եւ թէ՛ ազատ։ Դուք ալ, տէրե՛ր, նոյնը ըրէք անոնց ու սպառնալիքը մոռցէ՛ք, գիտնալով թէ անոնց ալ, ձեր ալ Տէրը երկինքն է ու անոր քով աչառութիւն չկայ։ Ալ ասկէ յետոյ, եղբա՛յրներս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով ու անոր զօրութեան կարողութիւնովը։ Ձեր վրայ հագէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։ Վասն զի մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին՝ ՝ իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ։ Ասոր համար ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէս զի կարող ըլլաք չարութեան օրը դէմ դնել Ու ամէն բան լմնցնելէ յետոյ՝ հաստատուն կայնիլ։ Ուստի ձեր տեղը կայնեցէք, մէջքերնիդ ճշմարտութեամբ ամրացնելով ու արդարութեան զրահը հագնելով Ու ոտքերնուդ ամրացուցէ՛ք խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը Եւ ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել Եւ փրկութեան սաղաւարտը առէ՛ք ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է։ Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք Հոգիով ու այս բանին վրայ հսկեցէ՛ք կատարեալ յարատեւութեամբ ու աղաչանքով՝ բոլոր սուրբերուն համար, Ինծի համար ալ, որպէս զի ինծի խօսք տրուի, որ բերանս բանամ համարձակութեամբ աւետարանին խորհուրդը յայտնելու. Որուն համար ես դեսպանութիւն կ’ընեմ կապանքովս, որպէս զի անով համարձակութիւն ունենամ խօսելու՝ ինչպէս պէտք է։ Բայց որպէս զի դուք ալ գիտնաք իմ վրայովս՝ թէ ի՞նչ կ’ընեմ ես, ամէն բան պիտի ցուցնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրը ու հաւատարիմ պաշտօնեան՝ Տէրոջմով. Որ յատկապէս այդ բանին համար ձեզի ղրկեցի, որպէս զի լուր ունենաք մեր մասին ու ինք ձեր սրտերը մխիթարէ։ Խաղաղութիւն եղբայրներուն եւ սէր հաւատքով մէկտեղ Հօր Աստուծմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Շնորհք այն ամենուն հետ՝ որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը անկեղծութեամբ կը սիրեն։ Ամէն։ Պօղոս եւ Տիմոթէոս, Յիսուս Քրիստոսին ծառաները, Քրիստոս Յիսուսով բոլոր սուրբերուն, որոնք Փիլիպպէի կողմերն են՝ եպիսկոպոսներով ու սարկաւագներով. Շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէն՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Կը գոհանամ իմ Աստուծմէս ամէն անգամ որ ձեզ կը յիշեմ, (Միշտ ամէն խնդրուածքիս մէջ ձեր ամենուն համար ուրախութեամբ աղօթք կ’ընեմ,) Աւետարանին հաղորդ ըլլալնուդ համար առաջին օրէն մինչեւ հիմա. Այս մասին վստահ ըլլալով՝ թէ ան որ ձեր մէջ բարի գործ մը սկսաւ, մինչեւ Յիսուս Քրիստոսին օրը պիտի կատարէ։ Կ’արժէ որ ձեր ամենուն մասին այսպէս խորհիմ՝ ձեզ իմ սրտիս մէջ ունենալուս՝ ՝ համար իմ կապերուս մէջ եւ աւետարանին ջատագովութեանը ու հաստատութեանը մէջ եւ ամէնքդ ինծի եղած շնորհքին հաղորդ ըլլալնուդ համար։ Քանզի վկայ է Աստուած, որ շատ փափաքներ ունիմ ձեր ամենուն համար Քրիստոս Յիսուսին գութովը։ Եւ կ’աղօթեմ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի շատնայ գիտութիւնով ու իմաստութիւնով, Որպէս զի դուք լաւ բաները ընտրէք, որպէս զի մինչեւ Քրիստոսին օրը անկեղծ եւ առանց գայթակղութեան ըլլաք. Արդարութեան պտուղներով լեցուած Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովեստին համար։ Կ’ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, թէ ինչ որ ինծի պատահեցաւ՝ ա՛լ աւելի աւետարանին յառաջդիմութեանը պատճառ եղաւ. Նոյնիսկ իմ կապերս, որոնք Քրիստոսին համար են, բոլոր պալատին մէջ եւ ամենուն ալ յայտնի եղան։ Եւ Տէրոջմով եղբայրներէն շատերը սիրտ առին իմ կապերէս եւ ա՛լ աւելի համարձակեցան Աստուծոյ խօսքը խօսելու առանց վախի։ Ոմանք նախանձէ ու հակառակութենէ եւ ոմանք բարեսիրութենէ շարժեալ ՝ Քրիստոսը կը քարոզեն. Անոնք հակառակութեան համար Քրիստոսը կը պատմեն, ո՛չ թէ անկեղծութեամբ, կարծելով թէ վիշտ կ’աւելցնեն իմ կապերուս վրայ։ Իսկ ասոնք սիրոյ համար, վասն զի գիտեն թէ ես աւետարանին համար պատասխան տալու կեցեր եմ։ Բայց հոգ չէ, որ կերպով ալ ըլլայ, թէ՛ պատրուակով եւ թէ՛ ճշմարտութիւնով, կը բաւէ որ Քրիստոսը քարոզուի։ Ասոր համար ուրախ եմ եւ ուրախ ալ պիտի ըլլամ։ Քանզի գիտեմ որ ասոր վախճանը իմ փրկութեանս համար պիտի ըլլայ ձեր աղօթքներով ու Յիսուս Քրիստոսին Հոգիին օգնութիւնովը, Իմ եռանդուն ակնկալութեանս ու իմ յոյսիս համեմատ, որ բանո՛վ մը ամօթով պիտի չըլլամ. հապա կատարեալ համարձակութիւնով ինչպէս ամէն ատեն՝ նոյնպէս ալ հիմա Քրիստոս իմ մարմնիս մէջ պիտի փառաւորուի՝ թէ՛ ապրելովս եւ թէ՛ մեռնելովս։ Վասն զի ինծի համար՝ ապրիլը Քրիստոս է ու մեռնիլը՝ օգուտ։ Եթէ մարմնի մէջ ապրիլս իմ գործիս պտուղ կը բերէ, ալ չեմ գիտեր ո՞րը ընտրեմ։ Երկու կողմանէ նեղը մնացած եմ, մեկնելու ու Քրիստոսին հետ ըլլալու փափաք ունենալով. թէեւ վերջինը շատ աղէկ է, Բայց մարմնի մէջ կենալը ձեզի համար աւելի հարկաւոր է։ Այս բանին համոզուած ըլլալով՝ գիտեմ թէ ձեր ամենուն հետ պիտի կենամ ու մնամ, որպէս զի դուք զարգանաք եւ ուրախ ըլլաք հաւատքով. Որպէս զի ձեր պարծանքը իմ վրայովս աւելի ըլլայ Քրիստոս Յիսուսով՝ իմ նորէն ձեզի գալուս պատճառով։ Միայն թէ Քրիստոսին աւետարանին ինչպէս կը վայլէ՝ այնպէս վարուեցէք. որպէս զի եթէ գամ ու ձեզ տեսնեմ եւ կամ հեռու ըլլամ, ձեր վրայովը լսեմ թէ դուք հաստատուն կը կենաք մէկ հոգիով ու մէկ շունչով պատերազմակից կ’ըլլաք աւետարանին հաւատքին համար։ Բանով մըն ալ մի՛ զարհուրիք հակառակորդներէն, որ անոնց կորուստին ապացոյցն է ու ձեզի՝ փրկութեան. Այն ալ Աստուծմէ է. վասն զի ձեզի շնորհուեցաւ Քրիստոսին համար՝ ո՛չ թէ միայն անոր հաւատալ, հապա անոր համար չարչարուիլ ալ, Նոյն պատերազմը մղելով, որ իմ մէջս տեսաք ու հիմա իմ վրայովս կը լսէք։ Արդ՝ եթէ Քրիստոսով մխիթարութիւն մը կայ, եթէ սիրոյ սփոփանք մը, եթէ Հոգիի հաղորդութիւն մը, եթէ գթութիւն ու ողորմութիւն մը, Իմ ուրախութիւնս դո՛ւք լեցուցէք, նոյն խորհուրդը ունեցէ՛ք, միեւնոյն սէրը ձեր մէջ ունենալով, մէ՛կ շունչ, մէ՛կ մտածում։ Բան մը գրգռութիւնով կամ սնապարծութիւնով մի՛ ընէք. հապա խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք. Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ ։ Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր. Որ Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով, յափշտակութիւն մը չսեպեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը. Հապա անձը ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով՝ մարդոց նման ըլլալով եւ մարդու կերպարանքովը Ինքզինք խոնարհեցուց, մինչեւ իսկ մեռնելու յօժարեցաւ ու այն ալ խաչի մահուամբ։ Ասոր համար Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է. Որպէս զի Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները ու սանդարամետականները։ Ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հօր Աստուծոյ փառքին համար։ Ուստի, իմ սիրելիներս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդ եղաք՝ ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս, հապա ա՛լ աւելի հիմա, իմ բացակայութեանս ատեն, ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք. Վասն զի Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը իր հաճութեանը համար։ Ամէն բան առանց տրտունջներու ու վիճաբանութիւններու ըրէք. Որպէս զի ըլլաք անբիծ ու անարատ, Աստուծոյ որդիներ առանց մեղադրանքի, կամակոր ու խոտորեալ ազգին մէջ, որոնց մէջ դուք լուսաւորներու պէս կը փայլիք աշխարհի մէջ, Կենաց խօսքը ամուր բռնելով, որպէս զի կարենամ պարծենալ Քրիստոսին օրը, թէ պարապ տեղ չեմ քալած ու պարապ տեղ չեմ աշխատած։ Թէպէտեւ ձեր հաւատքին իբր պատարագ ու զոհ ընծայուիմ, կ’ուրախանամ եւ ձեր ամենուն ուրախակից կ’ըլլամ. Նոյնպէս ալ դուք ուրախացէ՛ք ու ինծի ուրախակից եղէ՛ք։ Արդ՝ կը յուսամ Տէր Յիսուսով թէ Տիմոթէոսը ձեզի պիտի ղրկեմ, որպէս զի սիրտս ալ հանգչի, երբ ձեր վիճակը գիտնամ։ Վասն զի անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։ Քանզի ամէնքը իրենցը կը փնտռեն՝ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը։ Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց։ Ուստի մտադիր եմ զինք ձեզի ղրկել՝ որքան շուտ որ վիճակս յայտնի ըլլայ։ Բայց վստահութիւն ունիմ Տէրոջմով որ ես ալ քիչ ատենէն պիտի գամ։ Բայց հարկաւոր սեպեցի հիմա ձեզի ղրկել Եպափրոդիտոս իմ եղբայրս եւ գործակիցս ու զինակիցս, որ դուք ղրկած էիք իմ պէտքերուս ծառայելու։ Որովհետեւ ինք ալ շատ կարօտցած էր ձեզ ամէնքդ [տեսնելու] ու կը ցաւէր, որ դուք լսած էիք թէ ինք հիւանդացած է։ Արդարեւ, ինք մահամերձ հիւանդացաւ, բայց Աստուած ողորմեցաւ անոր. ո՛չ միայն անոր՝ հապա ինծի ալ, որպէս զի տրտմութեան վրայ տրտմութիւն չունենամ։ Ասոր համար աւելի փութով ղրկեցի, որպէս զի դուք զանիկա տեսնելով նորէն ուրախանաք ու ես չտրտմիմ։ Ուրեմն ուրախութեամբ ընդունեցէք զանիկա Տէրոջմով ու այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք. Քանզի Քրիստոսին գործին համար մինչեւ մահուան մօտեցաւ՝ իր կեանքը վտանգի մէջ ձգելով, որպէս զի ինծի ծառայէ ձեր փոխարէն։ Ասկէ ետքը, եղբա՛յրներս, ուրախ եղէք Տէրոջմով։ Նոյն բաները ձեզի գրել ինծի ձանձրութիւն չէ, բայց ձեզի ապահովութիւն է։ Զգուշացէ՛ք շուներէն, զգուշացէ՛ք չար մշակներէն, զգուշացէք թլփատութենէն, Վասն զի թլփատութիւնը մենք ենք, որ հոգիով Աստուած կը պաշտենք ու կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսով եւ մարմնի վրայ չէ վստահութիւննիս։ Թէպէտ ես ալ նոյն վստահութիւնը ունիմ մարմնի վրայ։ Եթէ ուրիշ մէկը կը կարծէ թէ վստահութիւն ունի մարմնի վրայ, ա՛լ աւելի ես. Ութը օրուան թլփատուած, Իսրայէլի ազգէն, Բենիամինի ցեղէն, Եբրայեցի՝ Եբրայեցիներէն, օրէնքին նայելով՝ փարիսեցի. Նախանձախնդիր ըլլալու կողմանէ՝ եկեղեցին կը հալածէի. օրէնքին արդարութեանը կողմանէ՝ անարատ էի։ Բայց ինչ որ ինծի շահ էր, զանիկա Քրիստոսին համար վնաս սեպեցի։ Եւ իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ Ու իր մէջ գտնուիմ, ո՛չ թէ իմ արդարութիւնս ունենամ՝ որ օրէնքէն է, հապա Քրիստոսին հաւատքովը եղած արդարութիւնը՝ որ Աստուծմէն է հաւատքով։ Որպէս զի ճանչնամ զանիկա եւ անոր յարութեանը զօրութիւնը ու անոր չարչարանքներուն հաղորդ ըլլամ, անոր մահուան կերպարանքը առնելով. Որպէս զի մեռելներուն յարութեանը հասնիմ։ Ոչ թէ ես արդէն առեր եմ, կամ արդէն կատարեալ եղեր եմ, հապա ետեւէն ինկած եմ որ բռնեմ մրցանակը, որուն համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէն։ Եղբա՛յրներ, ես չեմ սեպեր թէ բռներ եմ։ Բայց յիշեցնեմ թէ ետեւի եղածները մոռցած եմ ու առջեւի եղածներուն կը դիմեմ. Նպատակը դիտելով՝ դէպի Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին կը վազեմ։ Ուստի մենք ամէնքս՝ որ կատարեալ ենք՝ ասիկա խորհինք եւ եթէ բան մը ուրիշ կերպով խորհելու ըլլաք, զայն ալ Աստուած ձեզի պիտի յայտնէ։ Միայն թէ ի՛նչ աստիճանի որ հասեր ենք նոյն կանոնին համեմատ քալենք, նոյն խորհուրդը ունենանք։ Ինծի նմանող եղէ՛ք, եղբա՛յրներ ու նայեցէք անոնց որ այնպէս կը քալեն, ինչպէս որ մեզ ձեզի օրինակ ունիք։ Վասն զի շատեր կը քալեն, որոնց համար շատ անգամ ձեզի կ’ըսէի եւ հիմա լալով ալ կը խօսիմ, այսինքն Քրիստոսին խաչին թշնամիներուն համար. Որոնց վերջը կորուստ է, որոնց աստուածը իրենց որովայնն է ու անոնց փառքը իրենց ամօթն է, որոնք միայն երկրաւոր բաներուն վրայ կը մտածեն։ Բայց մեր քաղաքականութիւնը երկինքն է, ուրկէ կը սպասենք Փրկչին, Տէր Յիսուս Քրիստոսին, Որ պիտի նորոգէ մեր խոնարհ մարմինը՝ իր փառաւոր մարմնին կերպարանակից ըլլալու, այն զօրութիւնովը որ կարող է ամէնքը իրեն հնազանդեցնել։ Իմ սիրելի ու բաղձալի եղբա՛յրներս, իմ ուրախութիւնս ու պսակս, այսպէս հաստատո՛ւն կեցէք Տէրոջմով, սի՛րելիներս։ Եւոդիային կ’աղաչեմ ու Սիւնտիքին կ’աղաչեմ, որ միեւնոյն խորհուրդը ունենան Տէրոջմով։ Իրաւ քեզի՛ ալ կ’աղաչեմ, իմ հարազատ լծակիցս, դո՛ւն ալ օգնական եղիր անոնց, որոնք ինծի հետ աշխատեցան աւետարանին մէջ Կղեմէսին եւ միւս գործակիցներուս հետ, որոնց անունները կենաց գրքին մէջ են։ Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք։ Ձեր քաղցրութիւնը ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ. Տէրը մօտ է։ Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ։ Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք։ Ինչ որ սորվեցաք ու առիք եւ լսեցիք ու տեսաք իմ վրաս, զա՛յն ըրէք եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։ Մեծապէս ուրախացայ Տէրոջմով, որ իմ վրաս ունեցած հոգերնիդ հիմա նորոգուեցաւ, ինչպէս կը հոգայիք ալ, միայն թէ պատեհութիւն չունէիք։ Ոչ թէ կարօտութեան համար կ’ըսեմ. վասն զի ես սորվեցայ գոհ ըլլալ իմ գտնուած վիճակիս մէջ։ Գիտեմ չքաւորութիւն քաշելը, գիտեմ շատը ունենալը. ամէն բանի մէջ ամէն կերպով աղէկ սորվեր եմ թէ՛ կշտանալը, թէ՛ անօթենալը, թէ՛ շատ ունենալը եւ թէ՛ պակասութիւն քաշելը։ Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց։ Բայց աղէկ ըրիք որ իմ նեղութեանս մէջ ինծի օգնեցիք։ Դուք ալ գիտէք, Փիլիպպեցիներ, որ երբ աւետարանին սկիզբը ես Մակեդոնիայէն ելայ, եկեղեցի մըն ալ ինծի չօգնեց տալու եւ առնելու կողմէ, հապա միայն դուք. Որ մէկ երկու անգամ ինծի պէտք եղածը Թեսաղոնիկէ ղրկեցիք։ Ո՛չ թէ ես տուրք կը փնտռեմ, հապա պտուղ կը փնտռեմ, որ ձեր հաշիւին վրայ աւելնայ։ Բայց ես ամէն բան առած եմ ու առատօրէն ունիմ. լեցուած եմ Եպափրոդիտոսի ձեռքով ձեր ղրկածները ընդունելով, որ անոյշ հոտ մըն է, ընդունելի պատարագ, Աստուծոյ հաճելի։ Եւ իմ Աստուածս ձեր ամէն պիտոյքը պիտի լեցնէ իր ճոխութեանը չափովը, փառքով՝ Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով։ Արդ՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։ Բարեւ ըրէք բոլոր սուրբերուն Յիսուս Քրիստոսով։ Ձեզի բարեւ կ’ընեն ինծի հետ եղող եղբայրները։ Ձեզի բարեւ կ’ընեն բոլոր սուրբերը, մանաւանդ անոնք որ Կայսրին տունէն են։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։ Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսին առաքեալը Աստուծոյ կամքով եւ Տիմոթէոս եղբայրը, Կողոսայի մէջ եղող Քրիստոսով սուրբ ու հաւատացեալ եղբայրներուն. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք ընելով՝ կը գոհանանք Աստուծմէ ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հօրմէն։ Լսելով ձեր հաւատքը որ Քրիստոս Յիսուսին վրայ եւ այն սէրը, որ բոլոր սուրբերուն վրայ ունիք. Այն յոյսին համար, որ երկինքը կը պահուի ձեզի, որուն վրայով նախապէս լսեցիք աւետարանին ճշմարտութեան խօսքովը, Որ ձեզի հասաւ՝ ինչպէս բոլոր աշխարհ ու պտղաբեր ըլլալով [կ’աճի], ինչպէս ձեր մէջ ալ, այն օրուընէ, որ դուք լսեցիք ու ճանչցաք Աստուծոյ շնորհքը ճշմարտութիւնով. Ինչպէս սորվեցաք մեր սիրելի ծառայակցէն՝ Եպափրասէն, որ ձեզի համար հաւատարիմ պաշտօնեայ մըն է Քրիստոսին Որ ինք ալ մեզի պատմեց ձեր սէրը Հոգիով։ Անոր համար մենք ալ, այն օրէն երբ լսեցինք, չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէս զի կատարեալ ըլլաք անոր կամքին գիտութիւնովը, լեցուիք իմաստութիւնով ու հոգեւոր հանճարով։ Որպէս զի դուք Տէրոջը արժանի կերպով քալէք եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնէք, բարի գործերով պտղաբերիք ու աճիք՝ Աստուծոյ գիտութիւնովը. Իր փառաւոր զօրութեանը համեմատ բոլոր ուժով զօրացած՝ համբերութեան ու երկայնմտութեան համար ուրախացած։ Գոհանալով Հօր Աստուծմէ, որ մեզ լոյսի մէջ բնակող սուրբերուն վիճակին մասնակից ըլլալու արժանացուց։ Որ մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց։ Որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն, Որ աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը։ Վասն զի անով ամէն բան ստեղծուեցաւ, ինչ որ երկինքն է ու ինչ որ՝ երկրի վրայ կայ, անոնք որ կ’երեւնան եւ անոնք որ չեն երեւնար, թէ՛ աթոռները, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները. բոլոր բաները անով ու անոր համար ստեղծուեցան։ Անիկա ամէն բանէ առաջ էր եւ ամէն բան անով հաստատ կը կենայ. Եւ անիկա է մարմնին, այսինքն եկեղեցիին գլուխը. որ սկիզբն է, մեռելներէն անդրանիկը, որպէս զի ինք ըլլայ ամէն բանի մէջ նախապատիւ. Վասն զի հայրը հաճեցաւ որ Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը անոր մէջ բնակի Եւ անով ամէնքը հաշտեցնէ իրեն հետ, խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները։ Եւ ձեզ ալ՝ որ ատեն մը օտարացած էիք ու չար գործերով թշնամիներ՝ ձեր խորհուրդներովը, Հիմա հաշտեցուց բուն իր մարմնովը՝ մահուամբ, որպէս զի ձեզ անոր առջեւ սուրբ ու անբիծ եւ անարատ կայնեցնէ. Եթէ կենաք հաւատքին մէջ հիմնուած ու հաստատ եւ առանց խախտելու աւետարանին յոյսէն որ լսեցիք, որ երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ, որուն ես՝ Պօղոսս՝ սպասաւոր եղայ։ Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս համար ու Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասութիւնը իմ մարմնիս մէջ կը լեցնեմ անոր մարմնին համար, որ եկեղեցին է. Որուն ես սպասաւոր եղայ Աստուծոյ տնտեսութիւնովը՝ որ ինծի տրուեցաւ ձեզի համար՝ Աստուծոյ խօսքը լման քարոզելու, Այն խորհուրդը՝ որ ծածկուած էր բոլոր դարերէն ու ազգերէն, հիմա իր սուրբերուն յայտնուեցաւ. Որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել իր խորհուրդին փառաւոր ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, որ է Քրիստոս ձեր մէջ՝ փառաց յոյսը. Որ մենք կը քարոզենք ու ամէն մարդու կը յորդորենք եւ կը սորվեցնենք բոլոր իմաստութիւնով, որպէս զի ամէն մարդ կատարեալ ընենք Քրիստոս Յիսուսով. Որուն համար ես ալ կ’աշխատիմ, ջանք ընելով իր ներգործութեանը համեմատ, որ զօրութիւնով իմ մէջս կը գործէ։ Քանզի կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ի՛նչպէս մեծ անձկութիւն ունիմ ձեզի ու Լաւոդիկեցիներուն համար ու ամէն անոնց՝ որոնք իմ երեսս մարմնով չեն տեսներ. Որպէս զի անոնց սրտերը մխիթարուին՝ սիրով միացած ու կատարեալ իմաստութեան բոլոր ճոխութեանը հասնին, այսինքն Հօր Աստուծոյ եւ Քրիստոսին խորհուրդին գիտութեանը. Որուն մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են։ Ասիկա կ’ըսեմ, որ չըլլայ թէ մէկը սուտ խօսքերով ձեզ մոլորեցնէ։ Որ թէպէտ մարմնով հեռու եմ, բայց հոգիով ձեզի հետ եմ եւ կ’ուրախանամ երբ ձեր բարի վարքը տեսնեմ ու ձեր հաւատքին հաստատութիւնը՝ Քրիստոսին վրայ։ Ուստի ինչպէս ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուս Տէրը, այնպէս քալեցէք, Արմատ կապած, անոր վրայ շինուած ու հաւատքին մէջ հաստատուած, ինչպէս սորվեցաք եւ անոր մէջ աճեցէ՛ք գոհութիւնով։ Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս։ Վասն զի մարմնապէս անոր մէջ կը բնակի Աստուածութեան բոլոր լեցունութիւնը։ Եւ դուք ալ անով լեցուած էք, որ գլուխն է բոլոր իշխանութեան ու պետութեան։ Որով դուք անձեռագործ թլփատութիւնով թլփատուեցաք մեղքերու մարմնէն մերկանալով Քրիստոսին թլփատութիւնովը։ Թաղուելով անոր հետ մկրտութիւնով, որով նաեւ անոր հետ յարութիւն առիք Աստուծոյ զօրութեանը հաւատալով, որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց։ Եւ ձեզ, որ ատեն մը յանցանքներու մէջ ու ձեր մարմնին անթլփատութեանը մէջ մեռած էիք, կենդանացուց անոր հետ. մեր բոլոր յանցանքները ներեց մեզի։ Ու հրամաններով հաստատուած պարտամուրհակը, որ մեզի հակառակ էր, ջնջեց, մէջտեղէն վերցուց ու խաչափայտին վրայ գամեց. Եւ իշխանութիւններն ու պետութիւնները մերկացուց ու յայտնապէս խայտառակեց՝ յաղթելով անոնց անով։ Ուստի ալ մէկը թող չդատէ՛ ձեզ ուտելու կամ խմելու կամ տօներու կամ ամսագլուխներու կամ շաբաթներու խնդրով, Որոնք գալու բաներուն շուքն են, բայց բուն մարմինը Քրիստոսն է։ Չըլլայ թէ ոեւէ մէկը ձեզ խաբէ եւ ուզէ խոնարհութիւնով ու հրեշտակներու պաշտամունքով չտեսած բաներուն միջամուխ ըլլալ, իր մարմնաւոր մտքովը փուճ տեղ հպարտանալով Եւ չբռնէ Գլուխը՝ ուրկէ բոլոր մարմինը յօդուածներով ու խաղերով հաղորդուած ու մէկտեղ կցուած՝ Աստուծոյ աճումովը կ’աճի։ Եթէ դուք Քրիստոսին հետ այս աշխարհին սկզբունքներէն մեռաք, ալ ինչո՞ւ համար աշխարհի մէջ կենդանի եղողներու պէս այսպիսի կանոններու կը հնազանդիք, ըսելով. «Մի՛ մօտենար, համը մի՛ առներ, մի՛ դպչիր», (Որոնք ապականուած են գործածութեամբ,) մարդոց պատուիրանքներուն ու սորվեցուցածներուն համեմատ, Որոնք իմաստութեան կերպարանք ունին ինքնակամ կրօնքով ու խոնարհութիւնով եւ մարմնին չխնայելով, բայց ոչ թէ պատիւի արժանի են, հապա մարմինը յագեցնելու կը ծառայեն ։ Արդ եթէ Քրիստոսին հետ յարութիւն առիք, ուրեմն վերի բաները փնտռեցէք, ուր Քրիստոս կը նստի Աստուծոյ աջ կողմը։ Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն։ Վասն զի դուք մեռաք ու ձեր կեանքը պահուած է Աստուծոյ քով Քրիստոսին հետ։ Երբ Քրիստոս՝ մեր կեանքը՝ յայտնուի, այն ատեն դուք ալ անոր հետ փառքով պիտի յայտնուիք։ Ուստի ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է. Որոնց համար Աստուծոյ բարկութիւնը անհնազանդութեան որդիներուն վրայ կու գայ. Որոնց մէջ ատեն մը դո՛ւք ալ կը քալէիք, երբ անոնց մէջ կ’ապրէիք։ Բայց հիմա մէկդի՛ ձգեցէք դուք ալ այն ամէնը՝ բարկութիւնը, սրտմտութիւնը, չարութիւնը հայհոյութիւնը, անհամեստ խօսքերը ձեր բերաններէն։ Իրարու սուտ մի՛ խօսիք. հին մարդը իր գործերովը ձեր վրայէն հանեցէ՛ք Եւ հագէ՛ք այն նորը գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս Ուր Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, Բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ. հապա Քրիստոս է ամէնը՝ ամէն բանի մէջ։ Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը, Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։ Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ սէրը հագէք, որ կատարելութեան կապն է։ Ու Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերուն մէջ թագաւորէ, որուն դուք կանչուեցաք մէկ մարմնով ու գոհացէք։ Քրիստոսին խօսքը ձեր մէջ բնակի առատապէս ամէն իմաստութիւնով՝ իրարու սորվեցնելու ու խրատելու՝ սաղմոսներով եւ օրհնութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհքով Աստուած օրհնելու։ Ամէն ինչ որ կ’ընէք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով՝ բոլորը Տէր Յիսուսին անունովը ըրէք, Աստուծոյ ու Հօրը գոհութիւն մատուցանելով անոր ձեռքով։ Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով։ Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները ու դառն մի՛ ըլլաք անոնց։ Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի։ Հա՛յրեր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, որպէս զի չվհատին։ Ծա՛ռաներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր մարմնաւոր տէրերուն, ոչ թէ աչքի առջեւ ծառայելով մարդահաճոներու պէս, հապա սրտի միամտութեամբ՝ Տէրոջմէ վախնալով. Ինչ որ կ’ընէք՝ սրտանց ըրէք, որպէս թէ Տէրոջը ու ոչ թէ մարդոց, Գիտնալով որ ժառանգութեան հատուցումը Տէրոջմէն պիտի առնէք. վասն զի Տէր Քրիստոսին կը ծառայէք. Բայց անօրէնը իր անօրէնութեան պատիժը պիտի ընդունի եւ աչառութիւն չկայ։ Տէ՛րեր, ձեր ծառաներուն հետ իրաւունքով ու արդարութեամբ վարուեցէք, գիտնալով թէ դուք ալ Տէր ունիք երկինքը։ Շարունակ աղօթքի ետեւէ եղէք, անոր մէջ արթուն մնալով գոհութեամբ։ Աղօթք ըրէք նաեւ մեզի համար, որպէս զի Աստուած խօսքին դուռը բանայ մեզի Քրիստոսին խորհուրդը յայտնելու, որուն համար կապուած ալ եմ, Որպէս զի յայտնեմ զանիկա, ինչպէս ինծի կը վայլէ խօսիլ։ Խոհեմութեամբ վարուեցէք դուրսիններուն հետ՝ ժամանակը ծախու առնելով։ Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ։ Իսկ իմ վրայովս բոլորը պիտի իմացնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրը եւ հաւատարիմ պաշտօնեան ու ծառայակիցը Տէրոջմով. Որ այդ բանին համար ձեզի ղրկեցի, որպէս զի գիտնայ ձեր վրայով ու ձեր՝ ՝ սրտերը մխիթարէ, Ոնեսիմոս հաւատարիմ ու սիրելի եղբօր հետ մէկտեղ, որ ձեզմէ մէկն է. իրենք ամէն բան ձեզի պիտի իմացնեն՝ ինչ որ հոս կայ։ Բարեւ կ’ընէ ձեզի Արիստարքոսը, իմ գերութեան ընկերս եւ Մարկոս՝ Բառնաբասի եղբօրորդին, (որուն համար պատուէր առիք. եթէ ձեզի գալու ըլլայ, ընդունեցէ՛ք զանիկա,) Եւ Յիսուս՝ որ Յուստոս կ’անուանուի, որոնք թլփատութենէն են. ասոնք միայն՝ ինծի գործակից եղան Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ եւ ինծի մխիթարութիւն։ Բարեւ կ’ընէ ձեզի Եպափրաս, Քրիստոսին ծառան, որ ձեզմէ մէկն է, ամէն ատեն աղօթքի մէջ ձեզի համար ջանալով, որպէս զի դուք կատարեալ ու լման կենաք Աստուծոյ բոլոր կամքին մէջ։ Քանզի անոր համար ես կը վկայեմ, թէ շատ նախանձախնդրութիւն ունի ձեզի համար ու Լաւոդիկէի եւ Յերապոլիսի մէջ եղողներուն համար։ Բարեւ կ’ընեն ձեզի սիրելի Ղուկաս բժիշկը ու Դեմաս։ Բարեւ ըրէք եղբայրներուն, որոնք Լաւոդիկիա են եւ Նիմփասի ու անոր տանը մէջի եկեղեցիին։ Երբ այս թուղթը ձեր մէջ կարդացուի, Լաւոդիկեցիներու եկեղեցիին մէջ ալ կարդալ տուէք եւ դուք ալ Լաւոդիկիայէ եկած թուղթը կարդացէք։ Ու ըսէք Արքիպպոսի. «Զգո՛յշ եղիր քու սպասաւորութեանդ մէջ, որ Տէրոջմով առիր, որպէս զի զանիկա կատարես»։ Այս բարեւը իմ ձեռքիս՝ Պօղոսինն է. իմ կապերս մտքերնիդ թող ըլլան։ Շնորհքը ձեզի հետ։ Ամէն։ Պօղոս եւ Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Կը գոհանանք Աստուծմէ ամէն ատեն ձեր ամենուն համար՝ ձեզ յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ. Անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը առջեւ։ Գիտցէ՛ք, սիրելի եղբայրներ, թէ Աստուած ձեզ ընտրեց Եւ մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ, ինչպէս գիտէք ալ թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ ձեզի համար։ Դուք ալ՝ մեզի ու Տէրոջը նմանելով ընդունեցիք խօսքը շատ նեղութեան մէջ Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնովը։ Այնպէս որ դուք օրինակ եղաք բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ են։ Վանս զի ձեզմէ հռչակուեցաւ Տէրոջը խօսքը, ո՛չ միայն Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ, հապա նաեւ ամէն տեղ տարածուեցաւ ձեր հաւատքը, որ ունիք Աստուծոյ վրայ, այնպէս որ ա՛լ պէտք չունինք բան մը խօսելու։ Քանզի իրենք կը պատմեն մեզի համար, թէ ի՛նչպէս մեզ ընդունեցիք եւ ի՛նչպէս դուք կուռքերէն Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու Եւ սպասելու անոր Որդիին՝ երկնքէն գալուն, որ ինք մեռելներէն յարուցանեց, այսինքն Յիսուսը, որ կ’ազատէ մեզ գալու բարկութենէն։ Եղբա՛յրներ, դուք ձեզմէ գիտէք թէ ձեր մէջ մտնելնիս՝ պարապ տեղը չեղաւ. Հապա առաջ Փիլիպպէի մէջ չարչարանք կրելէ ու անարգուելէ վերջ համարձակութիւն ունեցանք Աստուծմով ձեզի պատմելու Աստուծոյ աւետարանը՝ մեծ հակառակութեան մէջ։ Վասն զի մեր յորդորանքը ո՛չ մոլորութենէ է ու ո՛չ պղծութենէ եւ ո՛չ խաբէութեամբ. Հապա ինչպէս մենք Աստուծմէ ընտրուեցանք ու աւետարանը մեզի ինչպէս վստահուեցաւ այնպէս կը խօսինք, ո՛չ թէ մարդոց հաճոյ ըլլալու համար, հապա Աստուծոյ՝ որ մեր սրտերը կը քննէ։ Մենք բնաւ շողոքորթութեան խօսքեր չգործածեցինք, ինչպէս գիտէք, ո՛չ ալ ագահութենէ թելադրուած, Աստուած վկայ է։ Մարդոցմէ փառք չփնտռեցինք, ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն, Թէեւ կրնայինք իբրեւ Քրիստոսին առաքեալներ ծանրութիւն ըլլալ, բայց մենք համեստ եղանք ձեր մէջ։ Ինչպէս դայեակ մը որ իր երախաները կը խնամէ, նոյնպէս մենք ձեր վրայ գորով ունենալով՝ կը յօժարէինք ո՛չ միայն Աստուծոյ աւետարանը ձեզի տալ, հապա մեր անձերն ալ. վասն զի դուք մեր սիրելիներն էիք։ Կը յիշէք, ե՛ղբայրներ, մեր աշխատութիւնը ու ջանքը, որ ձեզմէ մէկուն նեղութիւն չտալու համար գիշեր ու ցորեկ գործեցինք, ձեզի Աստուծոյ աւետարանը քարոզեցինք։ Դուք վկայ էք եւ Աստուած ալ՝ թէ ի՛նչպէս սրբութիւնով ու արդարութիւնով եւ անարատութիւնով վարուեցանք ձեզի հետ՝ որ հաւատացիք. Ինչպէս գիտէք, ձեզմէ ամէն մէկը՝ ինչպէս հայր մը իր որդիները, Այնպէս կը յորդորէինք ու կը մխիթարէինք եւ կը վկայէինք, որպէս զի դուք Աստուծոյ հաճելի եղածին պէս քալէք, որ ձեզ իր թագաւորութեանը ու փառքին կանչեց։ Ասոր համար մենք ալ անդադար կը գոհանանք Աստուծմէ, որ մեզմէ Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք, որ նաեւ կը ներգործէ ձեր մէջ, որուն կը հաւատաք։ Քանզի դուք, եղբա՛յրներ, նմանեցաք Աստուծոյ այն եկեղեցիներուն, որոնք Հրէաստանի մէջ են Քրիստոս Յիսուսով. վասն զի դուք ալ նոյն չարչարանքները կրեցիք ձեր համազգիներէն, ինչպէս անոնք ալ՝ Հրեաներէն. Որոնք Տէր Յիսուսն ալ մեռցուցին՝ մարգարէներն ալ եւ մեզ հալածեցին ու Աստուծոյ՝ անհաճոյ եւ բոլոր մարդոց հակառակ են։ Մեզի կ’արգիլեն հեթանոսներուն խօսիլ՝ անոնց փրկութեանը համար, որպէս զի իրենց մեղքերուն չափը լեցնեն ամէն ատեն եւ բարկութիւնը անոնց վրայ հասեր է մինչեւ վերջանալը։ Իսկ մենք, եղբա՛յրներ, իրաւ քիչ մը ատեն ձեզմէ որբ մնացինք երեսով ու ո՛չ թէ սրտով, բայց աւելի ջանացինք ձեր երեսը տեսնել մեծ փափաքով։ Անոր համար ես՝ Պօղոսս՝ մէկ երկու անգամ ուզեցի ձեզի գալ, բայց Սատանան արգիլեց։ Քանզի ո՞վ է մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը կամ մեր պարծանքին պսակը, եթէ ոչ դուք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առջեւ անոր գալու ատենը։ Որովհետեւ դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը։ Վերջապէս՝ ա՛լ չկրնալով աւելի համբերել, աղէկ երեւցաւ որ ես առանձինն Աթէնք մնամ, Բայց Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը ու Աստուծոյ պաշտօնեան եւ մեր գործակիցը Քրիստոսին աւետարանին մէջ՝ ղրկենք ձեզ հաստատելու ու մխիթարելու ձեր հաւատքին համար. Որպէս զի այս նեղութիւններուն մէջ ձեզմէ մէ՛կը չխախտի. վասն զի դուք ինքնիրեննիդ գիտէք թէ մենք ատոնց համար կեցեր ենք։ Քանզի երբ մենք ձեր քով էինք, սկիզբէն ձեզի կ’ըսէինք թէ նեղութիւններու պիտի հանդիպինք, ինչպէս եղաւ ալ ու գիտէք։ Ասոր համար ես ալ չկրնալով աւելի համբերել, մարդ ղրկեցի ձեր հաւատքը գիտնալու, որ չըլլայ թէ փորձողը ձեզ փորձած ըլլայ եւ մեր աշխատութիւնը պարապ ըլլայ։ Բայց հիմա երբ Տիմոթէոս ձեզմէ մեզի եկաւ ու ձեր հաւատքին եւ սիրոյն աւետիսը մեզի տուաւ, որ ամէն ժամանակ մեր բարի յիշատակը մտքերնիդ պահեր էք եւ կը փափաքիք մեզ տեսնել, ինչպէս մենք ալ՝ ձեզ, Ասոր համար, եղբա՛յրներ, մխիթարուեցանք մեր բոլոր վիշտերուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ ձեր հաւատքովը։ Վասն զի կենդանի կ’ըլլանք՝ եթէ դուք հաստատուն կենաք Տէրոջմով. Քանզի ի՞նչ գոհութիւն կրնանք մատուցանել Աստուծոյ ձեզի համար եւ այն ամէն ուրախութեանը համար, որ կ’ուրախանանք ձեզի համար մեր Աստուծոյն առջեւ Եւ գիշեր ու ցորեկ խիստ շատ աղաչանք կ’ընենք ձեր երեսը տեսնելու ու ձեր հաւատքին պակասութիւնները լեցնելու համար։ Թող Աստուած ինք՝ մեր Հայրը ու մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ուղղէ ձեզի գալու մեր ճամբան։ Տէրը աճեցնէ ու աւելցնէ ձեր սէրը իրարու վրայ եւ ամենուն վրայ, ինչպէս մենք ալ ձեր վրայ ունինք, Հաստատելով ձեր սրտերը անարատ սրբութեամբ՝ Աստուծոյ եւ մեր Հօրը առջեւ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ իր բոլոր սուրբերուն հետ՝ գալու ատենը։ Ալ հիմա, եղբա՛յրներ, ձեզի կ’աղաչենք ու կը յորդորենք ձեզ Տէր Յիսուսով, որ ինչպէս մեզմէ սորվեցաք այնպէս քալէք ու Աստուծոյ հաճոյ ըլլաք, ա՛լ աւելի յառաջանաք անոր մէջ։ Քանզի գիտէք թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի Տէր Յիսուսով։ Վասն զի Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ. Ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել. Ո՛չ թէ ցանկութեան կիրքով, ինչպէս հեթանոսները, որոնք Աստուած չեն ճանչնար։ Չըլլայ որ այդ բանին՝ ՝ մէջ չափէ անցնի մէկը ու իր եղբայրը զրկէ, վասն զի Տէրը այդ բոլոր բաներուն համար վրէժխնդիր է. ինչպէս նախապէս ըսինք ձեզի ու վկայութիւն տուինք։ Վասն զի Աստուած մեզ պղծութեան չկանչեց, հապա սրբութեան։ Ուստի ան որ կ’անարգէ՝ ոչ թէ մարդ մը կ’անարգէ, հապա Աստուած՝ որ իր Սուրբ Հոգին ալ մեզի տուաւ։ Բայց եղբայրսիրութեան մասին պէտք չէ ձեզի բան գրել, վասն զի դուք Աստուծմէ սորված էք մէկզմէկ սիրել Եւ արդէն կը սիրէք դուք Մակեդոնիայի մէջ եղող բոլոր եղբայրները, սակայն կ’աղաչենք ձեզի, եղբա՛յրներ, որ ա՛լ աւելի առատանաք Եւ ջանաք հանդարտ կենալ ու ամէն մէկդ իր գործը գործէ ու ձեր ձեռքերովը աշխատիք, (ինչպէս ձեզի պատուիրեցինք,) որպէս զի դուրսիններուն հետ պարկեշտութեամբ վարուիք ու բանի մը՝ ՝ կարօտ չըլլաք։ Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներուն վրայով, որպէս զի չտրտմիք ինչպէս ուրիշները՝ որոնք յոյս չունին։ Քանզի եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ ու յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ Աստուած ննջեցեալները Յիսուսով պիտի բերէ անոր հետ։ Վասն զի ասիկա կ’ըսեմ ձեզի՝ Տէրոջը խօսքովը, եթէ մենք մինչեւ Տէրոջը գալուստը ողջ մնանք, բնաւ ննջեցեալներէն առաջ պիտի չանցնինք։ Վասն զի Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնովն ու Աստուծոյ փողովը երկնքէն պիտի իջնէ եւ Քրիստոսով մեռածները առաջ յարութիւն պիտի առնեն։ Ետքը մենք ալ, որ ողջ մնացած ենք՝ անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով Տէրոջը առջեւ ելլելու՝ օդին մէջ եւ այնպէս յաւիտեան Տէրոջը հետ պիտի ըլլանք։ Ուստի մէկզմէկ մխիթարեցէք այս խօսքերով։ Բայց այն ժամերուն ու ժամանակներուն համար, եղբա՛յրներ, պէտք չէ բան մը գրել ձեզի. Քանզի դուք աղէկ գիտէք թէ Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի։ Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն կորուստը յանկարծակի անոնց վրայ պիտի հասնի յղիին երկունքին պէս ու պիտի չազատին։ Բայց դո՛ւք, եղբայրներ, խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի։ Վասն զի դուք ամէնքդ լուսոյ որդիներ էք ու ցորեկուան որդիներ։ Մենք գիշերուանը չենք, խաւարինը չենք։ Ուրեմն չքնանանք ինչպէս ուրիշները, հապա արթուն ու զգաստ ըլլանք։ Քանզի անոնք որ կը քնանան՝ գիշերը կը քնանան եւ անոնք որ կ’արբենան՝ գիշերը կ’արբենան։ Բայց մենք, որովհետեւ ցորեկուանն ենք, զգաստ ըլլանք եւ հաւատքի ու սիրոյ զրահը մեր վրայ հագնինք ու փրկութեան յոյսին սաղաւարտը գլուխնիս դնենք ։ Վասն զի Աստուած մեզ բարկութեան համար չորոշեց, հապա փրկութիւն ստանալու համար մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով, Որ մեզի համար մեռաւ, որպէս զի թէ՛ արթուն ըլլանք եւ թէ՛ քնանանք, իրեն հետ մէկտեղ ապրինք։ Անոր համար մէկզմէկ մխիթարեցէ՛ք եւ իրարու օգնեցէ՛ք, ինչպէս արդէն կ’ընէք։ Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, որ յարգէք ձեր գործաւորներն ու վերակացուները Տէրոջմով ու ձեզի խրատ տուողները։ Զանոնք մեծ սիրով պատուեցէք իրենց գործին համար։ Իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք։ Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք։ Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէ մէկուն. հապա ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ եղէք թէ՛ իրարու եւ թէ՛ ամենուն։ Ամէն ատեն ուրախ եղէ՛ք։ Անդադար աղօթք ըրէ՛ք։ Ամէն բանի մէջ գոհութիւն տուէ՛ք. վասն զի այս է Աստուծոյ կամքը Քրիստոս Յիսուսով ձեր վրայ։ Սուրբ Հոգին մի՛ մարէք։ Մարգարէութիւնները մի՛ արհամարհէք։ Ամէն բան փորձեցէ՛ք, բարին ամուր բռնեցէ՛ք։ Ամէն տեսակ գէշ բաներէ ե՛տ կեցէք։ Եւ ինքը՝ խաղաղութեան Աստուածը՝ ձեզ բոլորովին սուրբ ընէ ու ձեր բոլոր հոգին եւ շունչը ու մարմինը անարատ պահուի մինչեւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալու ատենը։ Հաւատարիմ է ան որ ձեզ կանչեց, որ պիտի կատարէ ալ։ Եղբա՛յրներ, աղօթք ըրէք մեզի համար։ Բարեւ տուէ՛ք բոլոր եղբայրներուն սուրբ համբոյրով։ Կ’երդմնցնեմ ձեզ Տէրոջմով, որ այս թուղթը բոլոր սուրբ եղբայրներուն կարդաք։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։ Ամէն։ Պօղոս ու Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ մեր Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով։ Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Պարտինք ամէն ատեն Աստուծմէ գոհանալ ձեզի համար, եղբայրներ, ինչպէս կը վայլէ. քանզի ձեր հաւատքը շատ աճելու վրայ է եւ ձեր ամէն մէկուն սէրը իրարու վրայ կը շատնայ. Այնպէս որ մենք ալ ձեզմով կը պարծենանք Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ՝ ձեր համբերութեանը ու հաւատքին համար ձեր բոլոր հալածանքներուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ որոնց կը համբերէք. Որ Աստուծոյ արդար դատաստանին ապացոյցն է՝ որպէս զի դուք արժանանաք Աստուծոյ թագաւորութեանը, որուն համար նեղութիւն ալ կը կրէք։ Քանզի Աստուծոյ առջեւ իրաւունք է ձեզի նեղութիւն տուողներուն նեղութիւն հատուցանելը Եւ ձեզի նեղութիւն կրողներուդ՝ մեզի հետ հանգիստ, երբ Տէր Յիսուս երկնքէն յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը, Բորբոքած կրակով վրէժ առնելու անոնցմէ՝ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր. Որոնք պիտի պատժուին յաւիտենական աւերումով եւ պիտի վտարուին Տէրոջը երեսէն ու անոր զօրութեանը փառքէն, Երբ ինք գայ փառաւորուիլ իր սուրբերուն մէջ եւ հիանալի ըլլալ բոլոր հաւատացեալներուն մէջ (վասն զի մեր վկայութեան հաւատացիք) այն օրը։ Այս պատճառով ալ ամէն ատեն ձեզի համար աղօթք կ’ընենք, որ մեր Աստուածը ձեզ արժանի ընէ ձեր կոչումին եւ մինչեւ լրացնէ ձեր բոլոր փափաքները եւ հաւատքին գործը՝ զօրութիւնով, Որպէս զի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունը փառաւորուի ձեր մէջ եւ դուք ալ անոր մէջ՝ մեր Աստուծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքին համեմատ։ Կ’աղաչե՛նք ձեզի, եղբայրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին գալուստին ու մեր անոր քով հաւաքուելուն համար, Չըլլայ որ շուտ մը խախտիք ձեր մտքէն ու չըլլայ որ խռովիք՝ ո՛չ հոգիով ու ո՛չ խօսքով, ո՛չ ալ թուղթով մը իբր թէ մեզմէ գրուած, որպէս թէ Քրիստոսին օրը եկած հասած է։ Չըլլայ թէ մէկը ձեզ խաբէ կերպով մը. վասն զի այն օրը պիտի չգայ ապստամբութենէն առաջ ու յայտնուի անօրէնութեան մարդը, կորստեան որդին, Այն հակառակորդը հպարտացած ամենուն վրայ, որ աստուած պիտի կոչուի կամ պաշտուի, մինչեւ իսկ Աստուծոյ տաճարին մէջ պիտի նստի եւ ինքզինք ցուցնէ իբր աստուած։ Չէ՞ք յիշեր թէ երբ ձեր քով էի, այս բաները կ’ըսէի ձեզի։ Եւ հիմա դուք ինքնիրեննիդ գիտէք ի՛նչ բան կ’արգիլէ, որպէս զի ինք իր ատենին յայտնուի։ Վասն զի անօրէնութեան խորհուրդը արդէն կը գործէ. բայց ան որ հիմա կ’արգիլէ, պիտի արգիլէ ՝ մինչեւ ինք մէջտեղէն վերնայ։ Ու ետքը պիտի յայտնուի այն անօրէնը, որ Տէրը [Յիսուս] իր բերնին շունչովը պիտի սպառէ ու իր գալուստին յայտնութեամբը պիտի կորսնցնէ։ Անօրէնին գալը Սատանային ազդեցութիւնովն է, բոլոր զօրութիւնով եւ նշաններով ու սուտ հրաշքներով Եւ կորսուածներուն վրայ անիրաւութեան բոլոր խաբէութիւնովը։ Քանի որ անոնք ճշմարտութեան սէրը չընդունեցին որ փրկուին, անոր համար Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց զօրաւոր մոլորութիւն մը՝ որ ստութեան հաւատան. Որպէս զի դատապարտուին ամէն անոնք, որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա անօրենութեան յօժարեցան։ Բայց մենք պէտք է միշտ Աստուծմէ գոհանանք ձեզի համար, Տէրոջմէ սիրուած եղբայրներ, վասն զի Աստուած սկիզբէն ձեզ ընտրեց փրկուելու՝ Հոգիին սրբելովը ու ճշմարտութեան հաւատքովը. Որուն ձեզ կանչեց մեր աւետարանելովը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին փառքը ստանալու համար։ Ուստի, եղբայրնե՛ր, հաստատ կեցէք ու պի՛նդ բռնեցէք այն աւանդութիւնները որոնք սորվեցաք թէ՛ խօսքով ու թէ՛ մեր թուղթովը։ Եւ ինք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ մեզ սիրեց ու տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով, Ձեր սրտերը մխիթարէ եւ ձեզ հաստատէ ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ։ Վերջապէս, եղբա՛յրներ, մեզի համար աղօթեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը խօսքը յառաջանայ ու փառաւորուի ամէն տեղ՝ ինչպէս ձեր մէջ։ Որպէս զի անիրաւ ու չար մարդոցմէ ազատինք, վասն զի ամէնքը հաւատք չունին։ Բայց Տէրը հաւատարիմ է եւ ձեզ պիտի հաստատէ ու չարէն պահէ։ Ձեր վրայ վստահութիւն ունինք Տէրոջմով, թէ ինչ որ ձեզի պատուիրեցինք՝ կ’ընէք ու պիտի ընէք ալ։ Եւ Տէրը ձեր սրտերը դէպի Աստուծոյ սիրոյն ու Քրիստոսին համբերութեանը ուղղէ։ Ձեզի կը պատուիրենք, եղբա՛յրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ ե՛տ քաշուիք ամէն եղբօրմէ, որ անկարգութեամբ կը վարուի ու ոչ թէ այն աւանդութեանը պէս՝ որը մեզմէ առիք։ Վասն զի դուք ինքնիրեննիդ գիտէք թէ պէտք է մեզի նմանիք քանզի մենք ձեզի հետ ծուլութեամբ չվարուեցանք, Ոչ ալ մէկուն հացը ձրի կերանք. հապա ջանքով եւ աշխատանքով գիշեր ու ցորեկ կը գործէինք՝ ձեզմէ մէկո՛ւն նեղութիւն չտալու համար. Ոչ թէ մենք իշխանութիւն չունէինք, այլ անձերնիս ձեզի օրինակ ըրինք՝ որպէս զի մեզի նմանիք։ Վասն զի երբ մենք ձեր քով էինք ձեզի կ’ըսէինք, թէ «Ան որ չուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ»։ Արդ՝ կը լսենք թէ ձեր մէջէն ոմանք ծուլութեամբ կը վարուին ու չեն գործեր, հապա ծոյլ ծոյլ կը պտըտին։ Այնպիսիներուն կը պատուիրենք ու կ’աղաչենք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով, որ հանդարտութեամբ գործեն եւ իրենց հացը ուտեն։ Բայց դո՛ւք, եղբա՛յրներ, մի՛ ձանձրանաք բարիք գործելէ։ Եթէ մէկը չի հնազանդիր այս թուղթին մէջ մեր ըսած խօսքին՝ դուք նշանակեցէք զանիկա ու անոր հետ մի՛ խառնուիք, որպէս զի ամչնայ։ Բայց չըլլայ թէ թշնամի սեպէք զանիկա, հապա եղբօր պէս խրատեցէ՛ք։ Եւ ինքը՝ խաղաղութեան Տէրը՝ ամէն կերպով ձեզի խաղաղութիւն տայ ամէն ատեն. Տէրը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Այս ողջոյնը իմ ձեռքիս՝ Պօղոսինն է, որ ամէն թուղթերու մէջ նշան է. այսպէս կը գրեմ։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։ Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ մեր Փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսին՝ ՝ հրամանովը, Տիմոթէոսին՝ հաւատքով իմ հարազատ որդիիս՝ շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Աստուծմէ մեր Հօրմէն եւ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն։ Ինչպէս քեզի աղաչեցի Եփեսոս մնալ, երբ ես Մակեդոնիա կ’երթայի, որ պատուիրես մէկ քանիներուն օտար ուսմունք չսորվեցնել Եւ չնայիլ առասպելներու ու ազգահամարներու՝ որոնք վերջ չունին, որոնք աւելի վէճեր ալ կը պատճառեն՝ քան թէ Աստուծոյ հաճելի շինութիւն՝ որ կ’ըլլայ հաւատքով։ Իսկ պատուիրանքին գլուխը սէրն է սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով. Որոնցմէ խոտորելով ոմանք փուճ խօսքերու ետեւէ գացին. Օրէնքներու վարդապետ ըլլալ ուզեցին, բայց իրենք չեն հասկնար ինչ որ կը խօսին, ո՛չ ալ այն բաները՝ որոնց վրայ կը պնդեն։ Արդ գիտենք թէ օրէնքը աղէկ է, եթէ մէկը զանիկա օրինաւոր կերպով գործադրելու ըլլայ։ Բայց ա՛յս թող գիտնայ թէ արդարներուն համար չէ օրէնքը, հապա անօրէններուն ու անհնազանդներուն համար, ամբարիշտներուն եւ մեղաւորներուն, անսուրբներուն եւ պիղծերուն, հայր ու մայր զարնողներուն, մարդասպաններուն, Պոռնիկներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդում ընողներուն եւ թէ ուրիշ ոեւէ բանի որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան, Որը համաձայն է երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին եւ որ ինծի յանձնուեցաւ։ Շնորհակալ եմ անոր՝ որ զիս զօրացուց, այսինքն Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջը, որ հաւատարիմ սեպելով զիս՝ այս սպասաւորութեան մէջ դրաւ. Որ առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող եւ թշնամանող. բայց ողորմութիւն գտայ, վասն զի անհաւատութեան մէջ եւ չգիտնալով ըրի։ Մեր Տէրոջը շնորհքը խիստ շատ եղաւ ինծի հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։ Այս խօսքը հաւատարիմ է ու բոլորովին ընդունելութեան արժանի, որ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, որոնց գլուխը ես եմ. Բայց անոր համար ողորմութիւն գտայ, որ ամենէն առաջ Յիսուս Քրիստոս իմ վրաս ցուցնէ երկայնմտութիւնը՝ օրինակ ըլլալու անոնց, որոնք պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար։ Արդ՝ յաւիտենական Թագաւորին, որ անեղծ ու աներեւոյթ է, մի միայն Աստուծոյն փառք ու պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։ Այս պատուէրը կ’աւանդեմ քեզի, ի՛մ որդեակս Տիմոթէոս, քեզի համար նախապէս եղած մարգարէութիւններուն համաձայն, որ անոնցմով պատերազմիս այն բարի պատերազմը Եւ ունենաս հաւատք ու մաքուր խղճմտանք, որ մէկ քանիները իրենցմէ մէկդի ձգելով՝ նաւակոծութիւն կրեցին հաւատքին կողմանէ. Որոնցմէ են Հիմենոսն ու Աղեքսանդրոսը, որոնք ես Սատանային մատնեցի, որպէս զի սորվին հայհոյութիւն չընել։ Արդ՝ կ’աղաչեմ ամէն բանէ առաջ աղօթք ընել, խնդրել, աղաչել, գոհութիւն մատուցանել բոլոր մարդոց համար, Մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխաններուն համար, որպէս զի խաղաղ ու հանդարտ կեանք վարենք կատարեալ աստուածպաշտութիւնով ու պարկեշտութիւնով։ Վասն զի այն է աղէկը ու ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ։ Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան։ Քանզի մէ՛կ Աստուած կայ ու մէ՛կ միջնորդ Աստուծոյ ու մարդոց մէջտեղ, Քրիստոս Յիսուս մարդը, Որ իր անձը ամենուն տեղ փրկանք տուաւ՝ իր ատենին վկայութիւն ըլլալու, Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ նշանակուեցայ, (ճշմարիտ կ’ըսեմ Քրիստոսով եւ սուտ չեմ խօսիր,) հեթանոսներուն վարդապետ եղայ հաւատքով ու ճշմարտութիւնով։ Արդ՝ կ’ուզեմ որ այր մարդիկ ամէն տեղ աղօթք ընեն՝ սուրբ ձեռքեր վերցնելով՝ առանց բարկութեան ու երկմտութեան։ Նոյնպէս ալ կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, Հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն։ Կինը թող սորվի լռութեամբ՝ ամենայն հնազանդութիւնով։ Բայց կնոջ հրաման չեմ տար սորվեցնելու, ո՛չ ալ՝ այր մարդուն իշխելու, հապա լուռ կենալու։ Վասն զի առաջ Ադամ ստեղծուեցաւ ու ետքը՝ Եւան։ Եւ Ադամ չխաբուեցաւ, հապա կինը խաբուեցաւ ու յանցանք գործեց. Սակայն պիտի փրկուի անիկա որդեծնութեամբ, եթէ պարկեշտութիւնով կենան հաւատքի եւ սիրոյ ու սրբութեան մէջ։ Այս խօսքը հաւատարիմ է։ Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ, Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է անարատ ըլլայ, մէկ կնոջ այր, զգաստ, խոհեմ, պարկեշտ, հիւրասէր, սորվեցնելու յարմար, Ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, հապա հանդարտ, ո՛չ կռուող, ո՛չ արծաթասէր, Որ իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ, իր զաւակները հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահելու. (Իսկ եթէ մէկը իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին հոգաբարձու պիտի ըլլայ.) Ոչ ալ նորահաւատ ըլլայ, որ չըլլայ թէ հպարտանալով Սատանային դատապարտութեանը մէջ իյնայ։ Հապա պէտք է եկեղեցիէն դուրս եղողներէն ալ բարի վկայութիւն բերէ, որ չըլլայ թէ նախատինքի մէջ ու Սատանային որոգայթին մէջ իյնայ։ Նոյնպէս ալ սարկաւագները ըլլան ծանրաբարոյ, ո՛չ երկլեզու, ո՛չ գինեսէր, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող. Հա պա հաւատքին խորհուրդը պահեն մաքուր խղճմտանքով։ Եւ ասոնք ալ առաջ թող փորձուին ու ետքը՝ եթէ անմեղադրելի գտնուին, սարկաւագութեան պաշտօնը կատարեն։ Նոյնպէս ալ անոնց կիները ծանրաբարոյ ըլլան, ո՛չ չարախօս, հապա զգաստ, ամէն բանի մէջ հաւատարիմ։ Սարկաւագները թող մէկ կնոջ այր ըլլան եւ իրենց զաւակներուն ու իրենց տանը աղէկ վերակացութիւն թող ընեն Քանզի անոնք որ սարկաւագութեան պաշտօնը աղէկ կը կատարեն, բարի աստիճան մը կը շահին ու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքին մէջ՝ շատ համարձակութիւն։ Այս բաները կը գրեմ քեզի, թէեւ կը յուսամ մօտերս քեզի գալ, Որպէս զի եթէ ուշանամ՝ գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է Աստուծոյ տանը մէջ պտըտիս, որ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը։ Յայտնապէս մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած մարմնով յայտնուեցաւ, Հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն երեւցաւ, հեթանոսներուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհէն ընդունուեցաւ ու փառքով համբարձաւ։ Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն, Ստախօսներուն կեղծաւորութիւնովը, որոնց խղճմտանքը խանձուած է. Որոնք ամուսնանալէ պիտի արգիլեն ու ետ պիտի պահեն այն կերակուրներէն՝ որոնք Աստուած ստեղծեր է որպէս զի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը ճանչցողները գոհութեամբ վայելեն։ Վանս զի Աստուծոյ ամէն ստեղծածը բարի է ու մերժելու բան մը չկայ, եթէ գոհութեամբ ընդունուի. Քանզի Աստուծոյ խօսքովը ու աղօթքով կը սրբուի։ Այս բաները եղբայրներուն յիշեցնելով՝ Յիսուս Քրիստոսին բարի պաշտօնեայ մը պիտի ըլլաս ու պիտի սնանիս հաւատքին խօսքերովը եւ այն բարի վարդապետութիւնովը՝ որուն հետեւեցար։ Բայց պիղծ ու պառաւական առասպելներէն ե՛տ կեցիր եւ քու անձդ աստուածպաշտութեան վարժեցուր. Վասն զի մարմնին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է, բայց աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի։ Այս խօսքը հաւատարիմ է եւ բոլորովին ընդունուելու արժանի։ Վասն զի բո՛ւն ասոր համար կ’աշխատինք ու նախատինք կը կրենք, քանզի կենդանի Աստուծոյ յուսացեր ենք, որ բոլոր մարդոց Փրկիչն է, մանաւանդ հաւատացեալներուն։ Այս բաները պատուիրէ՛ ու սորվեցո՛ւր։ Չըլլայ որ մէկը քու երիտասարդութիւնդ անարգէ, հապա դուն օրինակ եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ։ Մինչեւ ես գամ միտք դիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու։ Անհոգ մի՛ ըլլար քու վրադ եղած պարգեւին վրայով, որ մարգարէութեամբ քեզի տրուեցաւ՝ երէցներուն ձեռքերը քու վրադ դրուելովը։ Ատոնց վրայ խորհէ ու ատոնցմով պարապէ, որպէս զի քու յառաջդիմութիւնդ ամենուն յայտնի ըլլայ։ Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն։ Ծերը սաստիկ մի՛ յանդիմաներ, հապա հօր մը պէս յորդորէ զանիկա. երիտասարդները՝ եղբայրներու պէս, Պառաւները՝ մայրերու պէս, դեռահասակ կիները՝ քոյրերու պէս ամէն կերպ մաքրութիւնով։ Որբեւարիները պատուէ՝ անոնք որ ճշմարտապէս որբեւարի են։ Իսկ եթէ որբեւարի մը զաւակներ կամ թոռներ ունի, թող անոնք առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասն զի ա՛յն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ։ Ան որ ճշմարտապէս որբեւարի է ու մինակ մնացած եւ իր յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած է, թող գիշեր ցորեկ աղօթքով ու աղաչանքով պարապի։ Բայց փափկասէր որբեւարին թէեւ կենդանի՝ բայց մեռած է։ Որբեւարիներուն պատուիրէ որպէս զի անարատ ըլլան։ Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է։ Որբեւարին որբեւարիներու կարգը թող սեպուի, եթէ վաթսուն տարեկանէն պակաս չէ, մէկ էրկան կին եղած, Բարի գործերով վկայուած. եթէ զաւակներ մեծցուցած ըլլայ, եթէ հիւրեր ընդունած ըլլայ, եթէ սուրբերուն ոտքերը լուացած ըլլայ, եթէ նեղեալներուն օգնութիւն ըրած ըլլայ, եթէ ամէն տեսակ բարեգործութեան մէջ յարատեւած ըլլայ։ Բայց դեռահասակ որբեւարիները մերժէ. քանզի երբ Քրիստոսին դէմ յանդգնելով հեշտասիրութեան անձնատուր ըլլան, ամուսնանալ կ’ուզեն Եւ դատապարտութիւն կ’ընդունին, վասն զի նախկին հաւատքնին մէկդի ձգելով կը ծուլանան։ Տունէ տուն կը պտըտին եւ ո՛չ միայն ծոյլ, հապա շատախօս ու հետաքրքիր կ’ըլլան եւ անպատեհ բաներ կը խօսին։ Ուստի կ’ուզեմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, տնաշէն ըլլան ու նախատինքի առիթ չտան հակառակորդին Քանզի արդէն ոմանք խոտորեցան եւ Սատանային ետեւէն գացին։ Եթէ հաւատացեալ այր մարդ մը կամ կին մը որբեւարիներ ունենայ, թող օգնէ անոնց եւ եկեղեցին չծանրաբեռնէ, որպէս զի ճմարտապէս որբեւարիներուն օգնէ։ Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով։ Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի կապեր» եւ «Մշակը իր վարձքին արժանի է»։ Երէցի վրայով ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր, եթէ երկու կամ երեք վկայ չըլլայ։ Անոնք որ մեղք կը գործեն, ամենուն առջեւ յանդիմանէ, որպէս զի ուրիշներ ալ վախնան։ Կ’երդմնցնեմ Աստուծոյ առջեւ եւ Յիսուս Քրիստոսին ու ընտրեալ հրեշտակներուն որպէս զի այս բաները պահես առանց նախապաշարումի, բան մը աչառութեամբ չընես։ Շուտով մէկուն վրայ ձեռք մի՛ դներ եւ ուրիշներուն մեղքերուն հաղորդակից չըլլաս։ Դուն քեզ մաքո՛ւր պահէ։ Ասկէ յետոյ միայն ջուր չխմես, հապա քիչ մըն ալ գինի խառնէ ստամոքսիդ եւ յաճախակի հիւանդութիւններուդ համար։ Կան մարդիկ՝ որոնց մեղքերը յայտնի են ու առաջուընէ դատաստանի հասած են եւ կան՝ որոնց մեղքերը յետոյ յայտնի կ’ըլլան։ Նոյնպէս ալ ոմանց բարի գործերը յայտնի են եւ այն գործերը որ յայտնի չեն, չեն կրնար ծածկուած մնալ։ Անոնք որ ծառայութեան լուծի տակ են, իրենց տէրերը ամէն պատիւի արժանի թող սեպեն, որպէս զի Աստուծոյ անուան ու վարդապետութեան չհայհոյեն։ Անոնք որ հաւատացեալ տէրեր ունին, թող չարհամարհեն՝ եղբայրներ ըլլալնուն պատճառով, հապա աւելի լաւ ծառայութիւն ընեն, վասն զի անոնք հաւատացեալ են ու սիրելի, որոնք բարերարութիւն ընելու մէջ մասնակից են։ Այս բաները սորվեցո՛ւր ու յորդորէ՛։ Եթէ մէկը ուրիշ կերպ բան սորվեցնէ ու մտիկ չընէ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ողջամիտ խօսքերուն եւ այն վարդապետութեանը, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է, Այնպիսին հպարտացած է ու բան մը չի գիտեր, հապա վէճերով ու հակառակութիւններով ախտացած է. որոնցմէ կը յառաջանան նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, գէշ կասկածներ, Մտքով ապականած ու ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց զրաբանութիւններ, որոնք աստուածպաշտութիւնը շահավաճառութիւն մը կը սեպեն. այնպիսիներէն մէկդի՛ կեցիր։ Սակայն աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։ Վասն զի բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք։ Բայց անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ, որոնք աւերումի կամ կործանումի մէջ կ’ընկղմեն մարդիկ։ Վանս զի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին։ Բայց դո՛ւն, ո՛վ մարդ Աստուծոյ, փախի՛ր այս բաներէն ու գնա՛ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան ետեւէն։ Պատերազմէ հաւատքին բարի պատերազմը, բռնէ յաւիտենական կեանքը՝ որուն կանչուեցար եւ շատ վկաներու առջեւ դաւանեցար բարի դաւանութիւնը։ Կը պատուիրեմ քեզի Աստուծոյ առջեւ, որ կենդանի կ’ընէ բոլորը եւ Քրիստոս Յիսուսին առջեւ, որ Պոնտացի Պիղատոսին առջեւ վկայեց բարի դաւանութիւնը, Որ դուն այն պատուէրը անբիծ, անարատ պահես՝ մինչեւ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը. Որը իր ատենին պիտի ցուցնէ Երանելին ու միմիայն Հզօրը, թագաւորներուն Թագաւորը ու տէրերուն Տէրը։ Որ միայն ունի անմահութիւն՝ անմերձենալի լոյսի մէջ բնակած, որ մարդոցմէ մէ՛կը չտեսաւ, ո՛չ ալ տեսնելու կարող է, որուն պատիւ եւ զօրութիւն յաւիտեանս։ Ամէն։ Այս աշխարհին մէջ հարուստ եղողներուն պատուէր տուր որ չհպարտանան եւ անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնին չդնեն, հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու, Բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան։ Հանդերձեալին համար կարենան անձին բարի հիմ դնել, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն։ Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ։ Մէկ քանիները զանոնք դաւանելով՝ հաւատքէն մոլորեցան։ Շնորհքը քեզի հետ ըլլայ։ Ամէն։ Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ Աստուծոյ կամքովը կենաց խոստումին պէս՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է, Տիմոթէոսին՝ իմ սիրելի որդիիս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն։ Շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ իմ նախնիքներուս նման մաքուր խղճմտանքով, (միշտ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ գիշեր ու ցորեկ. Ցանկալով քեզ տեսնել ու միտք բերելով քու արցունքներդ, որպէս զի ուրախութիւնով լեցուիմ,) Կը յիշեմ քու ունեցած անկեղծ հաւատքդ, որ առաջ մեծ մայրդ Լաւոդիա եւ քու մայրդ Եւնիկէ ունէին եւ համոզուած եմ որ դուն դեռ ունիս։ Անոր համար քու միտքդ կը ձգեմ որ արծարծես Աստուծոյ պարգեւը, որ քեզի տրուեցաւ երբ իմ ձեռքերս քու վրադ դրի։ Վասն զի Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան ու սիրոյ եւ զգաստութեան։ Ուստի ամօթ մի՛ սեպեր մեր Տէրոջը վկայութիւնը, ո՛չ ալ զիս ասոր համար կապուածս. հապա մասնակից եղիր աւետարանին չարչարանքներուն, Աստուծոյ զօրութեանը համեմատ. Որ մեզ փրկեց ու սուրբ կոչումով կանչեց, ո՛չ թէ մեր գործերուն նայելով, հապա իր նախասահմանութեանը եւ շնորհքին նայելով, որ Քրիստոս Յիսուսով մեզի տրուեցաւ յաւիտենական ժամանակներէն առաջ. Բայց հիմա յայտնուեցաւ մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին երեւնալովը. որ մահը խափանեց եւ լուսաւորեց կեանքը ու անմահութիւնը աւետարանին միջոցաւ։ Որուն ես քարոզիչ ու առաքեալ կարգուեցայ ու հեթանոսներուն՝ վարդապետ։ Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասն զի գիտեմ թէ որո՛ւն եմ հաւատացեր եւ համոզուած եմ թէ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել մինչեւ այն օրը։ Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։ Այն բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին ձեռքով, որ մեր մէջ բնակած է։ Գիտես թէ ինծմէ երես դարձուցին անոնք, որոնք Ասիա էին, որոնցմէ են Փիգեղոսն ու Հերմոգինէսը։ Տէրը ողորմութիւն տայ Ոնեսիփորոսին տանը, վասն զի շատ անգամ զիս հանգստացուց ու իմ շղթաս ամօթ չսեպեց Ու երբ Հռովմ եկաւ, շատ ջանքով փնտռեց զիս ու գտաւ։ (Տէրը իրեն տայ որ այն օրը Տէրոջմէն ողորմութիւն գտնէ.) եւ Եփեսոսի մէջ ալ որչափ սպասաւորութիւն ըրաւ ինծի, դուն շատ աղէկ գիտես։ Արդ՝ որդեա՛կս, զօրացի՛ր այն շնորհքովը որ Յիսուս Քրիստոսով է։ Եւ այն բաները որոնք ինծմէ լսեցիր շատ վկաներով՝ հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել։ Արդ՝ դուն նեղութիւններու համբերէ Յիսուս Քրիստոսի բարի զինուորի մը պէս։ Զինուոր մը այս կեանքին գործառնութիւններովը չի զբաղիր, որպէս զի զօրավարին հաճոյ ըլլայ։ Եւ մրցորդ մը պսակ չի ստանար, եթէ օրէնքին համաձայն չմրցի։ Աշխատող երկրագործը պէտք է առաջ ինք պտուղները վայելէ։ Իմացի՛ր ինչ որ կ’ըսեմ։ Տէրը քեզի իմաստութիւն տայ ամէն բանի մէջ։ Մի՛տքդ բեր Դաւիթին ցեղէն եղող Յիսուս Քրիստոսը՝ մեռելներէն յարութիւն առած, իմ քարոզած աւետարանիս համաձայն. Որուն մէջ չարագործի մը պէս կը չարչարուիմ մինչեւ անգամ կապերով. բայց Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ։ Ուստի ամէն բանի կը համբերեմ ընտրեալներուն համար, որպէս զի անոնք ալ հասնին այն փրկութեանը, որ Քրիստոս Յիսուսով է յաւիտենական փառքով։ Այս խօսքը հաւատարիմ է. վասն զի եթէ անոր հետ մեռանք, անոր հետ պիտի ապրինք ալ. Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ. եթէ զինք ուրանանք, ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ. Եթէ չհաւատանք, ինք հաւատարիմ կը մնայ, իր անձը չի կրնար ուրանալ։ Այս բաները անոնց միտքը ձգէ՝ Տէրոջը առջեւ վկայելով, խօսքերու վրայ վէճ չընել՝ որ բանի մը օգտակար չէ, հապա միայն կը կործանէ լսողները։ Ջանա՛ քու անձդ ընտիր ցուցնելու Աստուծոյ առջեւ, այնպիսի բանուոր մը ըլլալով, որ պիտի չամչնայ ճշմարտութեան խօսքը շիտակ բացատրելով։ Բայց պիղծ ու փուճ խօսքերէն մէկդի՛ կեցիր, քանզի անոնք աւելի յառաջ կ’երթան ամբարշտութեան մէջ Եւ անոնց խօսքը քաղցկեղի պէս կը ճարակէ. որոնց կարգն են Հիմենոսն ու Փիղետոսը, Որոնք ճշմարտութենէն մոլորեցան ու կ’ըսեն թէ մեռելներուն յարութիւնը արդէն եղած է եւ կը կործանեն ոմանց հաւատքը։ Բայց Աստուծոյ հիմը հաստատուն կը կենայ ու այս կնիքը ունի, թէ՝ «Տէրը կը ճանչնայ զանոնք, որ իրն են» եւ «Անիրաւութենէ մէկդի թող կենան անոնք, որ Քրիստոսին կը պատկանին»։ Մեծ տան մը մէջ ոչ միայն ոսկիէ ու արծաթէ ամաններ կան, հապա փայտէ ու հողէ ամաններ ալ կան։ Ոմանք պատիւի համար են ու ոմանք՝ անարգանքի համար։ Ուստի եթէ մէկը իր անձը անարգ բաներէ մաքրէ, անիկա պատուական անօթ մը պիտի ըլլայ, սրբուած ու իր Տէրոջը պիտանի, ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած։ Երիտասարդական ցանկութիւններէն ալ փախի՛ր ու գնա՛ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով։ Բայց յիմարական ու անիմաստ վէճերէն մէկդի քաշուէ, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծնանին։ Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող. Քաղցրութեամբ խրատէ հակառակ կեցողները, որ թերեւս Աստուած ապաշխարութիւն տայ անոնց՝ ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար Եւ Սատանային որոգայթէն զգաստանան, որմէ բռնուած են անոր կամքին ծառայելու ։ Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. Վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, Անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, Մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. Որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են եւ դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր։ Վասն զի ասոնցմէ ոմանք տուներէն ներս կը մտնեն ու գերի կ’ընեն մեղքով բեռնաւորուած տկարամիտ կիները՝ զանազան ցանկութիւններէ վարուած, Որ միշտ կը սորվին, բայց բնաւ չեն կրնար ճշմարտութիւնը ճանչնալ։ Հապա ինչպէս Յանէսն ու Յամրէսը հակառակ կեցան Մովսէսին, նոյնպէս ասոնք ալ ճշմարտութեանը հակառակ կը կենան. մտքով ապականած մարդիկ, որոնք հաւատքի մէջ անպիտաններ են։ Բայց աւելի յառաջ պիտի չերթան, վասն զի ասոնց անմտութիւնը ամենուն յայտնի պիտի ըլլայ, ինչպէս երկուքինը եղաւ։ Իսկ դուն ծանօթացար իմ վարդապետութեանս, վարմունքիս, դիտաւորութեանս, հաւատքիս, երկայնմտութեանս, սիրոյս, համբերութեանս, Հալածանքներուս, չարչարանքներուս, որոնք ինծի պատահեցան Անտիոքի եւ Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ, գիտես թէ ի՛նչպէս հալածանքներու համբերեցի։ Եւ Տէրը ազատեց զիս այս ամենէն։ Եւ ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն։ Բայց չար ու խաբեբայ մարդիկ չարութեան մէջ պիտի յառաջանան՝ մոլորեցնելով ու մոլորելով։ Սակայն դուն հաստատո՛ւն կեցիր այն բաներուն մէջ որոնք սորվեցար ու որոնց հաւատացիր, վասն զի գիտես թէ որմէ՛ սորված ես. Նաեւ քու մանկութենէդ ի վեր սուրբ գրքերը գիտես, որոնք կրնան իմաստուն ընել քեզ փրկուելու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքովը։ Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար՝ ՝ է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար, Որպէս զի Աստուծոյ մարդը կատարեալ ըլլայ՝ ամէն բարի գործերու պատրաստուած։ Կը վկայեմ Աստուծոյ առջեւ եւ Յիսուս Քրիստոսին, որ պիտի դատէ կենդանիները ու մեռեալները իր յայտնուելուն ու թագաւորութեանը ատենը։ Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛ ատենին ու ատենէ դուրս, յանդիմանէ՛, սաստէ՛, յորդորէ՛ ամենայն երկայնմտութեամբ ու վարդապետութեամբ։ Վասն զի ժամանակ պիտի գայ որ ողջամիտ վարդապետութեանը պիտի չհամբերեն, հապա հաճելի բաներ լսելու մարմաջով իրենց ցանկութիւններուն համեմատ վարդապետներ պիտի դիզեն իրենց Եւ ճշմարտութենէն ականջնին պիտի դարձնեն ու առասպելներու ետեւէ պիտի մոլորին։ Բայց դուն ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր, նեղութիւններու համբերէ՛, աւետարանիչի գործ գործէ՛, քու պաշտօնդ կատարէ՛։ Վասն զի ես արդէն զոհ ըլլալու նուիրուած եմ ու իմ մեկնելուս ատենը հասեր է։ Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ յետոյ կայ ու կը մնայ ինծի արդարութեան պսակը, որ Տէրը՝ արդար Դատաւորը՝ պիտի հատուցանէ ինծի այն օրը։ Ո՛չ միայն ինծի, հապա այն ամենուն ալ՝ որ սիրեցին անոր յայտնուիլը։ Ջանա՛ շուտով ինծի գալ. Վասն զի Դեմասը զիս թողուց ու աշխարհը սիրեց եւ գնաց Թեսաղոնիկէ. Կրէսկէսը գնաց Գաղատիա, Տիտոսը՝ Դաղմատիա. Միայն Ղուկասը ինծի հետ է. Մարկոսը ա՛ռ եւ քեզի հետ բե՛ր, վասն զի ինծի օգտակար է սպասաւորութեան համար։ Ես Տիւքիկոսը Եփեսոս ղրկեցի։ Այն վերարկուն՝ որ Տրովադա թողուցի Կարպոսին քով, երբ գաս՝ բե՛ր, գրքերն ալ՝ մանաւանդ մագաղաթները։ Դարբին Աղեքսանդրոսը շատ չարութիւն ըրաւ ինծի. Տէրը անոր հատուցանէ իր գործերուն համեմատ։ Դուն ալ անկէ զգուշացի՛ր, վասն զի մեր խօսքերուն շատ դէմ կեցաւ։ Առաջին անգամ ատեանին առջեւ պատասխան տալուս՝ իմ կողմս մէ՛կը չկայնեցաւ, հապա ամէնքն ալ զիս թողուցին. այս իրենց թող յանցանք չսեպուի։ Բայց Տէրը իմ քովս կայնեցաւ ու զիս զօրացուց, որպէս զի քարոզութիւնը իմ միջոցովս լման ըլլայ ու բոլոր հեթանոսները լսեն։ Ես առիւծին բերնէն ազատեցայ։ Տէրը ամէն չար գործէ պիտի ազատէ զիս եւ ապահովութեամբ իր երկնային թագաւորութեանը պիտի հասցնէ։ Իրեն փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։ Բարեւ տուր Պրիսկէին եւ Ակիւղասին ու Ոնեսիփորոսին տանը։ Երաստոս Կորնթոսի մէջ մնաց եւ Տրոփիմոսը Մելիտոսի մէջ թողուցի հիւանդացած։ Ջանք ըրէ ձմեռէն առաջ գալ։ Բարեւ կ’ընեն քեզի Եւբուղոսն ու Պուդէսը եւ Լինոսն ու Կղօդիան եւ բոլոր եղբայրները։ Տէր Յիսուս Քրիստոս քու հոգիիդ հետ ըլլայ։ Շնորհքը ձեզի հետ։ Ամէն։ Պօղոս՝ Աստուծոյ ծառայ եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ կանչուած Աստուծոյ ընտրեալներուն հաւատքն ու ճշմարտութեան գիտութիւնը առաջնորդելու, որ աստուածպաշտութեան համաձայն է, Յաւիտենական կեանքի յոյսով, որ անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ Եւ իր ժամանակին իր խօսքին քարոզութեամբ յայտնեց, որ ինծի յանձնուեցաւ մեր Փրկիչ Աստուծոյ հրամանովը, Տիտոսին իմ հարազատ որդիիս հասարակաց հաւատքովը՝ շնորհք եւ խաղաղութիւն Հօր Աստուծմէն ու մեր Փրկչէն, Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի բոլոր պակաս բաները շտկես ու ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես, ինչպէս ես քեզի պատուիրեցի. Եթէ մէկը անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր, հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեան համար ամբաստանուած կամ անհնազանդ չըլլան։ Վասն զի եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ Աստուծոյ տնտեսին պէս. ո՛չ յանդուգն, ո՛չ բարկացող, ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող, Հապա հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, սուրբ, ժուժկալ, Հաստատ բռնելով վարդապետութեան հաւատարիմ խօսքը, որպէս զի կարող ըլլայ ողջամիտ վարդապետութիւնով յորդորել եւ հակառակ կեցողները յանդիմանել։ Քանզի շատ են անհնազանդները, ունայնութիւն խօսողները ու խաբողները, մանաւանդ անոնք որ թլփատութենէն են. Անոնք պէտք է պապանձեցնել, քանի որ ամբողջ տուներ կը կործանեն ու անպատեհ բաներ կը սորվեցնեն անարգ շահախնդրութեան համար. Անոնցմէ մէկը՝ որ իրենց բուն մարգարէն էր՝ ըսաւ. «Կրետացիները միշտ ստախօս են, չար գազաններ, դատարկապորտներ»։ Այս վկայութիւնը ճշմարիտ է. անոր համար սաստիկ յանդիմանէ՛ զանոնք, որպէս զի առողջանան հաւատքի մէջ Ու չնային Հրէական առասպելներուն եւ ճշմարտութենէն հեռացող մարդոց պատուէրներուն։ Ամէն բան մաքուր է մաքուրներուն, բայց պիղծերուն ու անհաւատներուն բա՛ն մը մաքուր չէ, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են։ Կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան, պիղծ ու անհնազանդ ըլլալով եւ ամէն բարի գործի՝ անպիտան։ Սորվեցուր ինչ որ կը վայլէ ողջամիտ վարդապետութեան։ Ծերերուն՝ զգաստ ըլլայ, ծանրաբարոյ, խոհեմ, ողջամիտ՝ հաւատքով, սիրով, համբերութիւնով։ Նոյնպէս ալ պառաւներուն այնպիսի վարմունք ունենալ, ինչպէս կը վայլէ սրբութեան. ո՛չ բանսարկու ըլլալ, ո՛չ գինեմոլ, հապա բարի խրատ տուող. Որ խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէս զի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, Խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ, որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի։ Նոյնպէս ալ երիտասարդները յորդորէ խոհեմ ըլլալ։ Ամէն կողմէ քու անձդ բարի գործերու օրինակ ցուցնելով, վարդապետութեան մէջ անեղծութիւն. պարկեշտութիւն, Ողջամիտ ու անմեղադրելի խօսք, որպէս զի հակառակ կեցողը ամչնայ ու մեր վրայով գէշ բան մը չկրնայ ըսել։ Ծառաներուն սորվեցուր իրենց տէրերուն հնազանդ ըլլալ եւ ամէն բանի մէջ հաճելի՝ ո՛չ հակառակախօսներ, Ո՛չ խորողներ, հապա կատարեալ հաւատարմութիւն ցուցնեն, որպէս զի մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը ամէն բանի մէջ զարդարեն։ Քանզի Աստուծոյ փրկարար շնորհքը բոլոր մարդոց երեւցաւ։ Ան մեզ կը խրատէ՝ որպէս զի ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ։ Ու սպասենք այն երջանիկ յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին փառքին յայտնուելուն։ Ան իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր։ Այդ բաները ըսէ՛ եւ յորդորէ՛ ու յանդիմանէ՛ սաստելով։ Չըլլայ թէ մէկը քեզ անարգէ։ Յորդորէ՛, որ իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին ու ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուին. Մէկո՛ւն հայհոյութիւն չընեն, կռուարար չըլլան, հապա հեզահոգի, ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն։ Վասն զի մենք ալ ատեն մը անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ եւ զանազան ցանկութիւններու ու հեշտութիւններու կը ծառայէինք, չարութիւնով ու նախանձով կը վարուէինք, ատելի էինք եւ մէկզմէկ կ’ատէինք, Բայց երբ մեր Փրկիչ Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը յայտնուեցաւ, Ո՛չ թէ արդարութեան գործերէն՝ որոնք մենք ըրինք, հապա իր ողորմութեան համաձայն մեզ փրկեց նորէն ծնանելու աւազանին միջոցաւ ու Սուրբ Հոգիին նորոգելովը։ Որը Աստուած առատ թափեց մեր վրայ Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Փրկչին ձեռքով, Որպէս զի անոր շնորհքովը արդարացած՝ յաւիտենական կեանքին յոյսով ժառանգորդ ըլլանք։ Այս խօսքը հաւատարիմ է եւ կ’ուզեմ որ ասոնք հաստատես, որպէս զի Աստուծոյ հաւատացողները աշխատին բարի գործեր կատարել։ Ասոնք են բարի ու մարդոց օգտակար բաները։ Բայց դուն յիմարական վէճերէն ու ազգահամարներէն ու հակառակութիւններէն եւ օրէնքի վրայով եղած կռիւներէն մէկդի՛ կեցիր, վասն զի անօգուտ են ու սնոտի։ Հերձուածող մարդէ՝ առաջին ու երկրորդ անգամ խրատելէ յետոյ՝ ետ քաշուէ, Գիտնալով որ այնպիսին խոտորած է եւ մեղք կը գործէ ինքզինք դատապարտելով։ Երբ Արտեմանը կամ Տիւքիկոսը քեզի ղրկեմ, ջանա՛ ինծի գալ Նիկոպոլիս, վասն զի միտքս դրի ձմեռը հոն անցնել։ Զենաս օրինականը ու Ապողոսը փութով ճամբայ դիր, հոգ տանելով որ անոնց բան մը չպակսի։ Եւ մերիններն ալ թող սորվին բարի գործեր ընել պէտք եղած պարագաներուն մէջ, որպէս զի անպտուղ չըլլան։ Բարեւ կ’ընեն քեզի ամէնքն ալ որ ինծի հետ են. բարեւ տուր անոնց որ մեզ կը սիրեն հաւատքով։ Շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։ Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսին կապեալը եւ Տիմոթէոս եղբայրը, Փիլիմոնին՝ մեր սիրելիին ու գործակցին Եւ Ապփիա սիրելիին, Արքիպպոս մեր զինուորակցին ու քու տանդ մէջի եկեղեցիին, Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն։ Կը գոհանամ միշտ իմ Աստուծմէս՝ քեզ իմ աղօթքներուս մէջ յիշելով, Երբ կը լսեմ քու սէրդ ու հաւատքդ՝ որ ունիս Տէր Յիսուսին եւ բոլոր սուրբերուն վրայ, Որպէս զի քու հաւատքիդ հաղորդակցութիւնը պտղաբեր ըլլայ՝ Քրիստոս Յիսուսով ձեր մէջ եղած բոլոր գործերը ճանչնալով։ Քանզի շատ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն ունեցայ քու սիրոյդ համար, որով սուրբերուն սրտերը քեզմով հանգստացած են, եղբա՛յր։ Ասոր համար թէեւ համարձակութիւն ունիմ Քրիստոսով վայելուչ եղածը քեզի հրամայելու, Բայց յաւէտ սիրով կ’աղաչեմ, այնպիսի մէկը ըլլալով՝ ինչպէս եմ ես՝ Պօղոսս ծերացած ու հիմա Յիսուս Քրիստոսին համար կապուած ալ։ Կ’աղաչեմ քեզի իմ որդիիս Ոնեսիմոսին համար, որ իմ կապանքներուս մէջ ծնայ, Որ ատեն մը անպիտան էր քեզի, բայց հիմա քեզի ալ, ինծի ալ պիտանի է. Զանիկա քեզի ղրկեցի. դուն ալ ընդունէ զայն, որ է իմ աղիքս. Կ’ուզէի իմ քովս պահել, որպէս զի քու տեղդ ինծի սպասաւորութիւն ընէ աւետարանին կապանքներուն մէջ, Բայց առանց քու կամքիդ չուզեցի բան մը ընել, որպէս զի քու բարերարութիւնդ իբր թէ ստիպմամբ եղած չըլլայ, հապա՝ կամաւ։ Թերեւս այս պատճառաւ անիկա քիչ մը ատեն զատուեցաւ, որպէս զի զանիկա յաւիտեան ունենաս, Ո՛չ թէ ծառայի մը պէս, հապա ծառայէ վեր, սիրելի եղբօր պէս եւ եթէ ինծի այսպէս սիրելի է, որչա՜փ աւելի պիտի ըլլայ քեզի՝ թէ՛ մարմնի կողմանէ ու թէ՛ Տէրոջը։ Ու եթէ զիս քեզի հաղորդակից կը սեպես, ընդունէ զանիկա՝ իմ տեղս։ Եւ եթէ քեզի անիրաւութիւն մը ըրած է կամ պարտք մը ունի՝ զայն իմ հաշիւիս անցուր։ Ես՝ Պօղոսս՝ իմ ձեռքովս գրեցի։ Ես կը վճարեմ, որ չըսեմ քեզի թէ դուն ալ քու անձդ ինծի պարտական ես։ Այո՛, եղբա՛յր, թող քեզմէ ունենամ այս օգուտը Տէրոջմով. հանգչեցուր իմ աղիքս Տէրոջմով։ Քու հնազանդութեանդ վստահելով գրեցի քեզի, քանզի գիտեմ որ ըսածէս աւելին պիտի ընես։ Ասկէ զատ ինծի բնակարան մըն ալ պատրաստէ, վասն զի կը յուսամ թէ Աստուած ձեր աղօթքներուն պատասխանելով զիս ձեզի պիտի ղրկէ։ Բարեւ կ’ընէ քեզի Եպափրասը՝ իմ գերութեան ընկերս Քրիստոս Յիսուսով։ Նաեւ Մարկոսը, Արիստարքոսը, Դեմասը, Ղուկասը, իմ գործակիցներս։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր հոգիին հետ ըլլայ։ Ամէն։ Շատ ձեւերով ու շատ կերպերով կանխաւ խօսած է Աստուած հայրերուն հետ՝ մարգարէներով։ Այս վերջին օրերս իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ, որը ամէն բանի ժառանգորդ ըրաւ, որով աշխարհն ալ ստեղծեց։ Ան իր փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը։ Ան իր զօրութեան խօսքովը ամէն բան կը բռնէ։ Իր անձով մեր մեղքերը սրբեց եւ նստաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծութեան աջ կողմը։ Այնչափ բարձր եղաւ հրեշտակներէն, որչափ իր ժառանգած անունը բարձր է անոնց անուններէն։ Վասն զի հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ» եւ դարձեալ՝ «Ես անոր Հայր պիտի ըլլամ ու անիկա ինծի Որդի պիտի ըլլայ»։ Եւ դարձեալ՝ երբ անդրանիկը աշխարհ կը մտցնէ՝ կ’ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ անոր երկրպագութիւն թող ընեն»։ Եւ հրեշտակներուն համար կ’ըսէ. «Որ իր հրեշտակները հոգիներ կ’ընէ ու իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց»։ Սակայն Որդիին համար կ’ըսէ. «Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից է. քու թագաւորութեանդ գաւազանը ուղղութեան գաւազան է. Արդարութիւնը սիրեցիր ու անօրէնութիւնը ատեցիր. անոր համար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ քու ընկերներէդ աւելի»։ Եւ՝ «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն երկրի հիմերը դրիր ու երկինք քու ձեռքերուդ գործն է. Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն պիտի կենաս ու մնաս ու բոլորը լաթի պէս պիտի մաշին Ու վերարկուի պէս պիտի գալարես զանոնք եւ պիտի փոխուին, բայց դուն նոյն ինքն ես ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»։ Եւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ. «Իմ աջ կողմս նստէ՛, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան դնեմ»։ Չէ՞ որ հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն։ Անոր համար պէտք է ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն, որ չըլլայ թէ պակսինք։ Վասն զի եթէ այն խօսքը որ հրեշտակներուն ձեռքով ըսուեցաւ, հաստատուն եղաւ եւ ամէն յանցանք ու անհնազանդութիւն արդար հատուցում առին, Հապա մենք ի՞նչպէս պիտի ազատինք՝ եթէ անհոգ ըլլանք այնպիսի մեծ փրկութեան մը մասին, որ նախ Տէրոջմէն հռչակուեցաւ ու լսողներուն ձեռքով հաստատուեցաւ. Աստուած ալ վկայեց նշաններով ու հրաշքներով եւ զանազան զօրութիւններով ու Սուրբ Հոգիին պարգեւներովը, ինչպէս ինք կամեցաւ։ Վասն զի ո՛չ թէ հրեշտակներուն հնազանդեցուց այն գալու աշխարհը, որուն վրայով մենք կը խօսինք. Հապա մէկը տեղ մը վկայեց ու ըսաւ. «Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես կամ մարդու որդին՝ որ անոր այցելութիւն կ’ընես։ Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն. փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա եւ քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ կեցուցիր զանիկա, Ամէն բան անոր ոտքերուն տակ հնազանդեցուցիր»։ Ուստի ամէնքը անոր հնազանդեցուց, անոր չհնազանդող բան չձգեց. բայց հիմա ամէնքը անոր հնազանդած չենք տեսներ։ Սակայն Յիսուսը փառքով ու պատուով պսակուած կը տեսնենք՝ որ հրեշտակներէն քիչ մը վար եղած էր մահուան չարչարանքին համար, որպէս զի Աստուծոյ շնորհքովը ամենուն համար մահ ճաշակէ։ Որովհետեւ կը վայլէ, որ Ան (որուն համար եւ որով եղան բոլոր բաները) շատ որդիներ փառքը մտնելու համար, իրենց փրկութեան առաջնորդը չարչարանքով կատարեալ ընէ։ Վասն զի ան որ կը սրբէ ու ան որ կը սրբուի, ամէնքն ալ մէկէ են. անոր համար ինք ամօթ չի սեպեր եղբայր կոչել զանոնք՝ ըսելով. «Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ»։ Եւ դարձեալ՝ «Ես Աստուծոյ պիտի յուսամ» եւ դարձեալ՝ «Ահա ես ու այն զաւակները, որոնք Աստուած ինծի տուաւ»։ Որովհետեւ զաւակները մարմնին ու արիւնին հաղորդակցեցան, ինքն ալ անոնց բաժնեկից եղաւ, որպէս զի իր մահովը փճացնէ զանիկա որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Սատանան Եւ ազատէ զանոնք որ մահուան վախովը միշտ ծառայութեան մէջ կ’ապրէին։ Քանզի բնաւ հրեշտակներուն չ’օգներ, հապա Աբրահամին սերունդին կ’օգնէ։ Անոր համար ան պէտք էր բոլորովին եղբայրներուն նմանէր, որպէս զի ինք ողորմած ըլլայ ու հաւատարիմ քահանայապետ՝ Աստուծոյ կողմանէ, ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար։ Քանզի ինչ բանով որ ինք չարչարուեցաւ փորձութիւն կրելով, կրնայ փորձուողներուն ալ օգնական ըլլալ։ Սո՛ւրբ եղբայրներ, երկնային կոչումին մասնակիցներ, նայեցէ՛ք մեր դաւանութեանը Առաքեալին ու Քահանայապետին, Քրիստոս Յիսուսին, Որ հաւատարիմ է Աստուծոյ, որ զինք դրաւ, ինչպէս Մովսէս ալ՝ անոր բոլոր տանը մէջ։ Վասն զի ինք Մովսէսէն այնչափ աւելի փառքի արժանացաւ, որչափ աւելի պատիւ կ’ունենայ տանը շինողը քան՝ տունը։ Քանզի ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է։ Եւ յիրաւի Մովսէս անոր բոլոր տանը մէջ հաւատարիմ էր ծառայի մը պէս՝ ըսուածներուն վկայ ըլլալու համար. Բայց Քրիստոս՝ որդիի մը պէս իր տանը վրայ, որուն տունը մենք ենք, միայն թէ այն համարձակութիւնը եւ յոյսին պարծանքը մինչեւ վերջը հաստատ բռնենք։ Ուստի, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Հոգին՝ «Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք. Ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք բարկացնելու ատենին պէս՝ անապատին մէջ փորձութեան օրը՝ Ուր ձեր հայրերը զիս փորձեցին, քննեցին զիս, թէպէտեւ քառասուն տարի իմ գործերս տեսան։ Անոր համար զզուեցայ այն ազգէն ու ըսի. ‘Միշտ մոլորեցան իրենց սրտով եւ իմ ճամբաներս չճանչցան անոնք’. Ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ Նայեցէ՛ք, ե՛ղբայրներ, չըլլայ որ ձեզմէ մէկուն ներսիդին անհաւատութեան չար սիրտ ըլլայ եւ ապստամբի կենդանի Աստուծոյ դէմ։ Հապա ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք, քանի որ «Այսօր» կ’ըսուի, որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը։ Քանզի մենք Քրիստոսին մասնակից եղած ենք, միայն թէ այն հաստատութեան սկիզբը մինչեւ վերջը պինդ բռնենք. Քանի որ կ’ըսուի. «Այսօր եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք, ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք բարկացնելու ատենին պէս»։ Քանզի ոմանք լսեցին ու բարկացուցին, բայց ոչ՝ ՝ ամէնքը, որ Եգիպտոսէն ելած էին Մովսէսին ձեռքով։ Որոնցմէ՞ զզուեցաւ այն քառասուն տարին. չէ՞ որ մեղանչողներէն, որոնց ոսկորները անապատին մէջ ինկան։ Եւ որո՞նց համար երդում ըրաւ իր հանգիստը չմտցնել, եթէ ոչ՝ անհաւատներուն համար ։ Եւ իրաւամբ չկրցան մտնել՝ իրենց անհաւատութեանը պատճառով։ Ուրեմն վախնանք, որ չըլլայ թէ անոր հանգիստը մտնելու խոստումէն, որ մեզի մնացեր է, ձեզմէ մէկը զրկուի։ Վասն զի մենք ալ անոնց պէս աւետիս առած ենք. բայց անոնց շահ մը չըրաւ այն խօսքը լսելը, քանզի հաւատքով ընդունուած չէր լսողներէն։ Իսկ մենք որ հաւատացինք, հանգիստը պիտի մտնենք. ինչպէս ըսաւ. «Ուստի երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ թէ՝ Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ Թէեւ իր գործերը աշխարհի սկիզբէն լրացած էին։ Վասն զի գիրքը այսպէս կ’ըսէ տեղ մը եօթներորդ օրուան համար. «Աստուած եօթներորդ օրը հանգչեցաւ իր բոլոր գործերէն»։ Ու հոս նորէն կ’ըսէ. «Իմ հանգիստս պիտի չմտնեն»։ Ուստի ոմանք հոն պիտի մտնեն։ Բայց անոնք որ նախապէս աւետիսը առած էին, անհաւատութեան համար չմտան։ Նորէն օր մը կը սահմանէ ու կ’ըսէ. «Այսօր»ը Դաւիթին բերնով այնքան ժամանկէ յետոյ, ինչպէս ըսուեցաւ. «Այսօր, եթէ անոր ձայնը պիտի լսէք, ձեր սրտերը մի՛ խստացնէք»։ Վասն զի եթէ Յեսու հանգչեցուցած ըլլար զանոնք, ա՛լ անկէ ետքը ուրիշ օրուան համար չէր ըսուեր։ Ուրեմն Աստուծոյ ժողովուրդին դեռ հանգիստ մը կը մնայ։ Վասն զի ան որ անոր հանգիստը մտաւ, ա՛լ հանգչեցաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած ալ իրեններէն։ Ուրեմն ջանանք այն հանգիստը մտնել, որ չըլլայ թէ մէկը նոյն անհաւատութեան մէջ իյնայ։ Վանս զի Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները։ Չկայ արարած մը որ անոր դէմ չերեւնայ, հապա ամէն բան բաց ու յայտնի է անոր աչքերուն առջեւ, որուն պիտի տրուի մեր հաշիւը։ Արդ՝ մենք որ մեծ Քահանայապետ մը ունինք երկինքը գացած, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին՝ ամուր բռնենք մեր դաւանութիւնը։ Քանզի ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի։ Ուստի ա՛լ համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին, որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու։ Վասն զի ամէն քահանայապետ մարդոց մէջէն առնուած՝ մարդոց համար կը կենայ Աստուծմէ կանչուած, որպէս զի պատարագներ ու զոհեր մատուցանէ մեղքերու համար Եւ կրնայ կարեկցիլ անոնց՝ որ տգէտ ու մոլորեալ են, վասն զի ինք ալ տկարութիւնով պաշարուած է Եւ այս պատճառով պարտաւոր է ինչպէս ժողովուրդին համար՝ նոյնպէս իր անձին համար ալ մեղքի պատարագ մատուցանել։ Մէկը ինքնիրմէ այս պատիւը չառներ, հապա ան՝ որ Աստուծմէ կանչուած է, ինչպէս Ահարոն։ Նոյնպէս ալ Քրիստոս ո՛չ թէ իր անձը մեծարեց քահանայապետ ըլլալու, հապա անիկա՝ որ ըսաւ իրեն. «Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ». Ինչպէս ուրիշ տեղ մըն ալ կ’ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։ Որ իր մարմնին օրերը սաստիկ գոչումով ու արցունքով աղօթք եւ աղաչանք մատուցանեց անոր որ կարող էր զինք մահուանէ ազատել ու լսուեցաւ իր բարեպաշտութեանը պատճառով՝ ՝ Թէպէտ ինք Որդի է, բայց իր չարչարանքներէն հնազանդութիւն սորվեցաւ։ Երբ կատարեալ եղաւ, բոլոր իրեն հնազանդողներուն յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ Ու Աստուծմէ կոչուեցաւ Քահանայապետ Մելքիսեդեկի կարգին պէս։ Որուն վրայով շատ ըսելիք ունինք, որ դժուար է մեկնել, վասն զի ձեր լսելիքները բթացած են. Վասն զի թէպէտ պէտք էր որ մինչեւ հիմա ուսուցիչ ըլլայիք ու ժամանակին նայելով սորվեցնէիք, բայց դուք ալ պէտք է սորվիք թէ՝ որո՞նք են Աստուծոյ պատգամներուն առաջին սկզբունքները։ Դուք կաթի կը կարօտիք, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի։ Քանզի այն որ կաթնկեր է՝ արդարութեան խօսքին անհմուտ է, որովհետեւ տղայ է։ Բայց հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած են բարին ու չարը զանազանել։ Ուստի Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք, առանց նորէն հիմ ձգելով մեռած գործերէն ապաշխարելու, առ Աստուած հաւատք ունենալու, Մկրտութիւններուն վարդապետութեանը, ձեռք դնելուն, մեռելներուն յարութեանը, յաւիտենական դատաստանին։ Ասոնք պիտի ընենք՝ եթէ Աստուած հրաման տայ Վասն զի անհնար է մէկ անգամ լուսաւորուածներուն՝ որոնք երկնաւոր պարգեւին համը առին, Սուրբ Հոգիին հաղորդակից եղան, Աստուծոյ բարի խօսքին ու գալու աշխարհին զօրութիւններուն համը առին Որ եթէ իյնան՝ նորէն ապաշխարութիւնով նորոգուին. որովհետեւ կրկին Աստուծոյ Որդին խաչը կը հանեն իրենց անձին ու կը խայտառակեն։ Վասն զի այն երկիրը, որ իր վրայ շատ անգամ եկած անձրեւը կը խմէ եւ արդիւնք կը բերէ պիտանի անոնց՝ որոնց համար կը մշակուի, Աստուծմէ օրհնութիւն կ’ընդունի. Բայց այն որ փուշեր ու տատասկներ կ’աճեցնէ՝ անպիտան է ու անէծքի արժանի եւ պիտի այրուի։ Իսկ մենք, սի՛րելիներ, ձեր վրայով լաւագոյն եւ փրկութեան վերաբերեալ յոյսեր ունինք, թէեւ այսպէս կը խօսինք։ Քանզի Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք։ Բայց մենք կը բաղձանք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը նոյն ջանքը ցուցնէ յոյսը հաստատելու՝ մինչեւ վերջը։ Որպէս զի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա՝ նմանիք անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին։ Վասն զի երբ Աստուած Աբրահամին խոստում ըրաւ, որովհետեւ իրմէ մեծը չկար՝ որ անոր վրայ երդում ընէր, Իր անձին վրայ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Այո՛, օրհնելով պիտի օրհնեմ քեզ ու շատցնելով պիտի շատցնեմ քեզ»։ Եւ Աբրահամ համբերելով խոստումին հասաւ։ Քանզի մարդիկ իրենցմէ մեծին վրայ երդում կ’ընեն ու անոնց բոլոր հակառակութեանը հաստատ վճիռ տուողը երդումն է։ Որով Աստուած իր խորհուրդին անփոփոխ ըլլալը ա՛լ աւելի ցուցնել ուզելով խոստումին ժառանգորդներուն, երդում ըրաւ. Որպէս զի երկու անփոփոխելի բաներով, որոնք կը ցուցնեն թէ՝ անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի, հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք մենք, որ ապաստան գտանք մեր առջեւ դրուած յոյսը ամուր բռնելու, Որ ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին, որ վարագոյրին ներսի կողմն ալ կը մտնէ. Ուր Յիսուս իբրեւ առաջնորդ մտաւ մեզի համար՝ յաւիտենական Քահանայապետ ըլլալով Մելքիսեդեկին կարգին պէս։ Մելքիսեդեկը Սաղէմի թագաւորն էր, Բարձրեալն Աստուծոյ քահանան՝ որ Աբրահամը դիմաւորեց՝ երբ անիկա թագաւորներուն կոտորածէն կը դառնար ու օրհնեց զանիկա։ Աբրահամ ալ անոր տասանորդ տուաւ իր ստացուածքէն. որուն անունը նախ՝ Արդարութեան թագաւոր կը թարգմանուի, ետքը՝ Սաղէմի թագաւոր՝ որ է Խաղաղութեան թագաւոր, Առանց հօր, առանց մօր, ազգահամար չունեցող, որուն ո՛չ օրերուն սկիզբը կայ, ո՛չ ալ կեանքին վախճանը եւ Աստուծոյ Որդիին նման ըլլալով, կը կենայ ու կը մնայ միշտ քահանայ։ Արդ՝ նայեցէ՛ք թէ որչա՜փ մեծ մէկն էր անիկա, որուն Աբրահամ նահապետն ալ տասանորդ տուաւ աւարէն։ Ղեւիին որդիներէն եղողները, որոնք քահանայութիւն կ’առնեն, պատուէր ունին որ ժողովուրդէն տասանորդ առնեն օրէնքին համեմատ, այսինքն իրենց եղբայրներէն. թէպէտեւ անոնք Աբրահամին երանքէն ելեր են. Բայց անիկա, որուն ազգահամարը անոնցմէ չէր, Աբրահամէն տասանորդ առաւ ու օրհնեց զանիկա՝ որ խոստումներ առած էր։ Սակայն անհակառակելի բան մըն է, որ պզտիկը մեծէն կ’օրհնուի։ Հոս՝ մահկանացու մարդիկ տասանորդ կ’առնեն, բայց հոն՝ անիկա կ’առնէ, որուն համար վկայուած է թէ կենդանի է։ Կրնայ ըսուիլ թէ Ղեւին ալ, որ տասանորդ կ’առնէ, Աբրահամին ձեռքով տասանորդ տուաւ. Վասն զի տակաւին իր հօրը երանքն էր, երբ Մելքիսեդեկ զանիկա դիմաւորեց։ Արդ՝ եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեան ձեռքով ըլլար, (որովհետեւ ժողովուրդը անոր ատենը օրէնքին տակ դրուեցաւ,) ալ ի՞նչ պէտք էր որ Մելքիսեդեկի կարգին պէս ուրիշ քահանայ մը ելլէ ու չըսուի Ահարոնի կարգին պէս։ Արդ՝ քահանայութիւնը փոխուելուն պէս՝ հարկ էր որ օրէնքն ալ փոփոխութիւն կրէր։ Եւ իրաւ եղաւ, վասն զի ան՝ որուն համար այսպէս կ’ըսուի, ուրիշ ցեղի կը պատկանէր եւ որմէ ոչ մէկը սեղանին մօտեցաւ. Քանզի յայտնի է թէ Յուդայի ցեղէն յառաջ եկաւ մեր Տէրը։ Այդ ցեղին մասին Մովսէս բան մը չըսաւ քահանայութեան համար։ Ու ա՛լ աւելի յայտնի է որ փոխուեցաւ, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութիւնովը ուրիշ քահանայ մը ելաւ, Որ ո՛չ թէ մարմնաւոր պատուէրին պէս եղաւ, հապա անվախճան կեանքին զօրութեանը պէս։ Վասն զի կը վկայէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»։ Քանզի առաջին պատուէրը կը խափանուի իր տկարութեանը ու անշահեկանութեանը համար, (Վասն զի օրէնքը բա՛ն մը կատարեալ չըրաւ,) եւ անոր տեղ բերուեցաւ լաւագոյն յոյս մը՝ որով Աստուծոյ կը մօտենանք։ Որքան որ Յիսուս ոչ թէ առանց երդումի քահանայ եղաւ, (վասն զի անոնք առանց երդումի քահանայ եղած են. Բայց ասիկա երդումով՝ անոր ձեռքով որ իրեն ըսաւ. «Տէրը երդում ըրաւ ու պիտի չզղջայ, Դուն յաւիտեան քահանայ ես Մելքիսեդեկի կարգին պէս»,) Այնքան աւելի աղէկ ուխտի մը երաշխաւոր եղաւ Յիսուս։ Շատ քահանաներ եղած են, քանի որ մահը արգելք եղած է, որ անոնք շարունակ քահանայ մնան։ Բայց ասիկա յաւիտենական ըլլալուն համար, իր քահանայութիւնը անանցանելի է։ Ուստի բոլորովին կարող ալ է ապրեցնելու զանոնք, որ իրմով Աստուծոյ կու գան. որովհետեւ ինք միշտ կենդանի է անոնց բարեխօս ըլլալու համար։ Վասն զի մեզի ճիշդ այսպիսի քահանայապետ մը կը վայլէր, սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած ու երկնքէն վեր բարձրացած, Որուն ամէն օր հարկաւոր չէ՝ ինչպէս միւս քահանայապետներուն՝ նախ իր մեղքերուն համար պատարագ մատուցանել ու ետքը ժողովուրդին մեղքերուն համար. վասն զի ինք մէկ անգամ ըրաւ ասիկա՝ իր անձը պատարագ մատուցանելով։ Վանս զի օրէնքը տկարութիւնով պաշարուած մարդիկը քահանայապետ կը կարգէ, բայց երդումին խօսքը՝ որ օրէնքէն յետոյ էր, Որդին՝ որ յաւիտեան կատարեալ է։ Այս ըսուած խօսքերուն բովանդակութիւնը այս է։ Այնպիսի քահանայապետ մը ունինք մենք՝ որ երկինքը Աստուծոյ մեծութեանը աթոռին աջ կողմը նստաւ. Սրբարանին պաշտօնեայ, ճշմարիտ խորանին՝ որ Տէրը կանգնեց եւ ո՛չ թէ մարդը։ Քանզի ամէն քահանայապետ պատարագներ ու զոհեր մատուցանելու համար որոշուած է. ուստի հարկ է որ ասիկա ալ բան մը ունենայ մատուցանելու։ Որ եթէ երկրի վրայ ըլլար, քահանայ անգամ պիտի չըլլար, վասն զի կան քահանաներ՝ որոնք պատարագներ կը մատուցանեն օրէնքին համեմատ. (Որոնք երկնային բաներուն նմանութիւնովը ու շուքովը կը ծառայեն, ինչպէս Մովսէսին հրամայուեցաւ, երբ խորանը պիտի շինէր. քանզի ըսաւ. «Նայէ որ լեռը քեզի ցուցուած օրինակին պէս շինես.») Բայց հիմա Յիսուս ա՛լ աւելի գերազանց պաշտօնի մը հասաւ, որչափ որ լաւագոյն խոստումներով հաստատուած լաւագոյն ուխտի մը միջնորդ է։ Վասն զի եթէ առաջինը անմեղադրելի ըլլար, ուստի երկրորդը պիտի չփնտռուէր։ Ուստի կը յանդիմանէ զանոնք ու կ’ըսէ. «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, երբ Իսրայէլի տանը հետ ու Յուդայի տանը հետ նոր ուխտ պիտի ընեմ. Սակայն ո՛չ թէ այն ուխտին պէս՝ որ անոնց հայրերուն հետ ըրի, այն օրը երբ անոնց ձեռքէն բռնեցի զանոնք Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար, վասն զի անոնք իմ ուխտիս մէջ չկեցան, ես ալ անհոգ եղայ անոնց վրայով», կ’ըսէ Տէրը։ «Քանզի այս է այն ուխտը՝ որ Իսրայէլի տանը հետ պիտի ընեմ այն օրերէն յետոյ, կ’ըսէ Տէրը. իմ օրէնքներս անոնց մտքին մէջ պիտի դնեմ եւ անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ զանոնք ու ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան։ Ու բնաւ պիտի չսորվեցնէ ոեւէ մէկը իր ընկերին, կամ իր եղբօրը, ըսելով. «Տէրը ճանչցիր». քանզի անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը զիս պիտի ճանչնան. Վասն զի ես անոնց անիրաւութիւններուն պիտի ներեմ եւ անոնց մեղքերն ու անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ»։ Նոր ուխտ ըսելով առաջինը հինցուց ու այն որ կը հիննայ եւ կը ծերանայ, ա՛լ կորուստի կը մօտենայ։ Արդարեւ առաջին ուխտն ալ ունէր պաշտամունքին կանոններն ու աշխարհային սուրբ տեղը։ Վասն զի առաջին խորանը, որ Սրբութիւն կը կոչուէր, այսպէս կազմուած էր։ Անոր մէջ կային աշտանակը ու սեղանը եւ առաջաւորութեան հացը։ Եւ երկրորդ վարագոյրին ետեւը այն խորանը՝ որ Սրբութիւն Սրբութեանց կը կոչուէր. Որուն մէջ էին ոսկի բուրվառը եւ ուխտին տապանակը՝ ամէն կողմէ ոսկիով պատուած՝ որուն մէջ էր ոսկիէ սափորը մանանայով լեցուն, Ահարոնին գաւազանը, որ ծաղկեցաւ եւ ուխտին տախտակները։ Անոր վրայէն փառաց քերովբէները՝ որ քաւութեան վրայ հովանի կ’ընէին, որոնց մասին պէտք չէ հիմա մէկիկ մէկիկ խօսիլ։ Ասոնք այսպէս կարգադրուած ըլլալով, քահանաները ամէն ատեն առաջին խորանը կը մտնէին՝ պաշտամունք կատարելու. Բայց երկրորդը՝ տարին անգամ մը միայն քահանայապետը կը մտնէր, բայց ո՛չ առանց արիւնի, որ իրեն համար ու ժողովուրդին մեղքերուն համար պիտի մատուցանէր. Սուրբ Հոգին կը ցուցնէր՝ թէ սրբարանին ճանապարհը յայտնի եղած չէր, քանի որ տակաւին առաջին խորանը կը կենար. (Որ օրինակ մըն էր ներկայ ժամանակին համար,) երբ պատարագներ ու զոհեր կը մատուցանուէին, որ խղճմտանքի կողմանէ չէին կրնար կատարեալ ընել պաշտօն մատուցանողը, հապա միայն կերակուրներով ու խմելիքներով Եւ կերպ կերպ լուացումներով՝ մարմնական ծիսակատարութիւններ էին, որոնք մինչեւ ուղղութեան ատենը կը կենային։ Բայց երբ Քրիստոս եկաւ, գալու բարիքներուն Քահանայապետը, աւելի մեծ ու կատարեալ եւ անձեռագործ խորանով, այսինքն անով որ այս ստեղծուածներէն չէ, Ո՛չ ալ նոխազներու ու զուարակներու արիւնով, հապա իր արիւնովը մէկ անգամ սրբարանը մտաւ՝ յաւիտենական փրկութիւն ստանալով։ Վասն զի եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը եւ երինջին մոխիրը սրսկուելով՝ պղծեալները կը սրբէր մարմնի մաքրութեան կողմանէ, Ալ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսին արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին ձեռքով իր անձը անարատ պատարագ մատուցանեց Աստուծոյ, պիտի սրբէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ կենդանի Աստուածը պաշտելու։ Ասոր համար ինք նոր ուխտին միջնորդն է, որպէս զի իր մահը առաջին ուխտին ժամանակը գործուած յանցանքներուն քաւութեանը համար եղած ըլլալով, հրաւիրուածները յաւիտենական ժառանգութեան խոստումը առնեն։ Քանզի ուր կտակ մը կայ, հարկ է որ կտակ ընողը մեռնի։ Վասն զի կտակը մեռնելէն յետոյ հաստատ կ’ըլլայ. քանզի վաւերական չի սեպուիր այնքան ատեն որ կտակը ընողը ողջ է։ Անոր համար առաջին ուխտն ալ առանց արիւնի չէր հաստատուեր։ Վասն զի երբ Մովսէս օրէնքին բոլոր պատուէրները ժողովուրդին յայտնեց, ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը առնելով՝ ջուրով ու կարմիր բուրդով եւ զոպայով բուն գրքին եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ սրսկեց Եւ ըսաւ. «Ասիկա է այն ուխտին արիւնը, որ Աստուած ձեզի պատուիրեց»։ Եւ խորանին վրայ ու պաշտամունքի բոլոր գործիքներուն վրայ նոյնպէս սրսկեց արիւնը։ Գրեթէ ամէն բան արիւնով կը մաքրուի օրէնքին նայելով ու արիւն չթափուած թողութիւն չըլլար։ Ուստի հարկ էր որ երկնաւոր բաներուն օրինակները ասոնցմով մաքրուէին. ուրեմն բուն երկնաւորները՝ ասոնցմէ աւելի աղէկ զոհերով։ Քանզի Քրիստոս ո՛չ թէ ձեռագործ սրբարանը մտաւ, որ ճշմարտին օրինակն է, հապա բուն երկինքը՝ որպէս զի հիմա մեզի համար Աստուծոյ առջեւ ներկայանայ. Ո՛չ թէ՝ որպէս զի շատ անգամ իր անձը պատարագ մատուցանէ, ինչպէս քահանայապետը՝ որ ամէն տարի սրբարանը կը մտնէ իրը չեղած արիւնով. Ապա թէ ոչ՝ պէտք է ինք աշխարհի սկիզբէն ի վեր շատ անգամ չարչարուէր. բայց հիմա մէկ անգամ դարեր անցնելէ վերջը՝ իր անձին պատարագովը յայտնուեցաւ՝ մեղքը մէկդի ձգելու համար։ Եւ ինչպէս մարդոց սահմանուած է մէկ անգամ մեռնիլ ու անկէ ետքը դատաստան, Նոյնպէս ալ Քրիստոս մէկ անգամ պատարագ մատուցուեցաւ՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար, բայց երկրորդ անգամին առանց մեղքի պիտի յայտնուի փրկութեան համար անո՛նց՝ որոնք անոր կը սպասեն։ Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է՛, ոչ թէ անոնց բուն կերպարանքը։ Ամէն տարի մատուցուած նոյն զոհերով երբեք չի կրնար կատարեալ ընել զանոնք, որ կը մօտենան։ Ապա թէ ոչ՝ պիտի չդադարէի՞ն մատուցուելէն, պաշտամունք մատուցանողներուն մէկ անգամ մաքրուելէն յետոյ ա՛լ մեղքի համար խղճի յանդիմանութիւն չէին ունենար։ Բայց անոնցմով ամէն տարի մեղքերու յիշատակութիւն կ’ըլլայ. Վասն զի նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը չի կրնար մեղքերը ջնջել։ Անոր համար երբ աշխարհ եկաւ, ըսաւ. «Զոհ ու ընծայ չուզեցիր դուն, հապա ինծի մարմին մը պատրաստեցիր։ Ողջակէզներու ու մեղքի պատարագներու չհաւնեցար»։ Այն ատեն ըսի. «Ահա կու գամ ես (գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է,) քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։ Վերը ըսիր. «Զոհ ու ընծայ եւ ողջակէզներ ու մեղքի պատարագներ չուզեցիր ու անոնց չհաւնեցար, (որոնք օրէնքին համեմատ կը պատրաստուէին)»։ Ետքը կ’ըսէ. «Ահա կու գամ ես քու կամքդ ընելու, ո՛վ Աստուած»։ Առաջինը կը հերքէ, որպէս զի երկրորդը հաստատէ։ Անոր կամքով մենք ալ սրբուեցանք՝ Յիսուս Քրիստոսին մարմնին մէկ անգամ պատարագուելովը։ Ամէն քահանայ ամէն օր իր պաշտօնին մէջ կը կենայ եւ նոյն զոհերը շատ անգամ կը մատուցանէ, որոնք երբեք չեն կրնար մեղքերը ջնջել. Բայց ասիկա մէկ զոհ մատուցանելով մեղքերու համար, մշտնջենապէս Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ Եւ անկէ յետոյ կը սպասէ, մինչեւ իր թշնամիները իր ոտքերուն պատուանդան դրուին։ Վասն զի մէկ պատարագով մշտնջենապէս կատարեալ ըրաւ սրբուածները։ Սուրբ Հոգին ալ մեզի վկայութիւն կու տայ, քանզի առաջ ըսուածէն յետոյ. «Այս է այն ուխտը՝ որ ես անոնց հետ պիտի ընեմ որ այն օրերէն յետոյ, (կ’ըսէ Տէրը,) իմ օրէնքներս անոնց սրտին մէջ պիտի դնեմ ու անոնց մտքին մէջ պիտի գրեմ զանոնք»։ Ետքը կ’ըսէ. «Անոնց մեղքերը եւ անոնց անօրէնութիւնները ա՛լ պիտի չյիշեմ»։ Ուստի երբ անոնց թողութիւն տրուեցաւ, ա՛լ մեղքի համար պատարագ պէտք չէ։ Ուրեմն, եղբա՛յրներ, համարձակութիւն ունինք սուրբ տեղը մտնելու Յիսուսին արիւնովը, Այն նոր ու կենդանի ճամբովը՝ որ բացաւ մեզի վարագոյրին մէջէն, որ է իր մարմինը Եւ մեծ քահանայ մը ունենալով Աստուծոյ տանը վրայ, Մօտենանք ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով սրտերնիս չար խիղճէն մաքրուած ու մարմիննիս մաքուր ջրով լուացուած. Անխախտ պահենք յոյսին դաւանութիւնը, վասն զի հաւատարիմ է անիկա որ խոստացաւ։ Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով Եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք։ Վասն զի եթէ ճշմարտութեան գիտութիւնը ընդունելէ յետոյ կամաւ մեղք գործելու ըլլանք, ա՛լ անկէ յետոյ մեղքերու համար ուրիշ զոհ չի մնար, Հապա զարհուրելի սպասում մը դատաստանին ու կրակի բարկութիւն մը կը մնայ, որ պիտի լափէ հակառակորդները։ Մէկը եթէ Մովսէսին օրէնքը անարգէր, առանց ողորմութեան երկու կամ երեք վկաներով՝ կը մեռցուէր. Ալ ո՜րչափ սաստիկ պատիժի արժանի պիտի սեպուի կը կարծէք անիկա, որ Աստուծոյ Որդին ոտքի տակ առաւ եւ ուխտին արիւնը անմաքուր սեպեց, որով ինք սրբուեցաւ եւ շնորհներու Հոգին նախատեց։ Քանզի կը ճանչնանք զանիկա որ ըսաւ. «Ի՛մս է վրէժխնդրութիւնը, ես պիտի հատուցանեմ», կ’ըսէ Տէրը եւ դարձեալ. «Տէ՛րը պիտի դատէ իր ժողովուրդը։ Սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը»։ Արդ՝ մտքերնիդ բերէք այն առաջին օրերը, որոնց մէջ լուսաւորուելէ յետոյ շատ սաստիկ չարչարանքներ կրեցիք. Երբեմն նախատինքներով ու վիշտերով խայտառակուած, երբեմն ալ այնպիսի վիճակի մէջ եղողներուն միանալով։ Վասն զի իմ կապերուս մէջ ինծի՝ ՝ չարչարակից եղաք ու ձեր ստացուածքին կողոպտուիլը ուրախութեամբ ընդունեցիք, գիտնալով որ լաւագոյն եւ մնայուն ստացուածքներ ունիք ձեզի երկինքը։ Ուստի ձեզմէ մի՛ ձգէք ձեր վստահութիւնը, որ մեծ վարձքի հատուցում ունի։ Վասն զի պէտք է ձեզի համբերութիւն, որպէս զի Աստուծոյ կամքը ընելով՝ խոստումը վայելէք. «Քանզի քիչ մը ատենէն ան որ գալու է՝ պիտի գայ ու պիտի չուշանայ։ Եւ Արդարը հաւատքով պիտի ապրի ու եթէ մէկը ետ քաշուի, իմ հոգիս անոր պիտի չհաճի»։ Բայց մենք ետ չենք քաշուիր որ կորսուինք, հապա կը հաւատանք թէ մեր հոգին պիտի փրկուի։ Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է. Վասն զի անով առաջինները վկայութիւն ընդունեցին։ Հաւատքով կ’իմանանք թէ աշխարհ Աստուծոյ խօսքովը հաստատուեցաւ ու աներեւոյթ բաներէն այս երեւցածները եղան։ Հաւատքով Աբէլ Կայէնէն աւելի աղէկ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, որով վկայուեցաւ անոր արդար ըլլալը. վասն զի իր պատարագներուն համար Աստուծմէ վկայութիւն եղաւ իրեն եւ անով, թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի։ Հաւատքով Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ ու տեղ մը չէր գտնուեր, վասն զի Աստուած փոխադրեց զանիկա. քանզի անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր։ Բայց առանց հաւատքի անհնար էր Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն։ Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար, որով աշխարհս դատապարտեց եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեանը, որ հաւատքով կ’ըլլայ։ Հաւատքով երբ Աբրահամ կանչուեցաւ, մտիկ ըրաւ ու գնաց այն տեղը, որ պիտի ժառանգէր եւ ելաւ գնաց ու չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։ Հաւատքով պանդխտացաւ աւետեաց երկրին մէջ որպէս թէ օտարութեան մէջ, վրաններու մէջ բնակեցաւ Իսահակին ու Յակոբին հետ մէկտեղ, որոնք իրեն հետ ժառանգորդ էին նոյն խոստումին. Վասն զի ինք կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է։ Հաւատքով ինք՝ Սառան՝ որդեծնութեան սերմը առնելու զօրութիւնը ընդունեց եւ ատենը անցած հասակի մէջ զաւակ ծնաւ. վասն զի հաւատարիմ սեպեց զանիկա որ խոստացած էր։ Ուստի այն մէկէն ծնան, (այն ալ մեռածի պէս,) շատութեան կողմէ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքի աւազին պէս առանց համրանքի։ Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ։ Քանզի անոնք որ այսպիսի բաներ կը խօսին, յայտնի կ’ընեն թէ գաւառ մը կը փնտռեն։ Եւ յիրաւի եթէ զանիկա յիշէին՝ ուրկէ որ ելան, ժամանակ ունէին հոն դառնալու։ Բայց հիմա լաւագոյն գաւառի մը կը փափաքին, այսինքն երկնաւորին. ուստի ամօթ չի սեպեր Աստուած անոնց Աստուածը կոչուիլը, վասն զի ինք անոնց քաղաք մը պատրաստեց։ Հաւատքով Աբրահամ իր փորձուած ատենը Իսահակը պատարագ մատուցանեց. թէեւ ինք խոստում առած էր, բայց իր մէկ հատիկ որդին կը մատուցանէր, Որուն համար ըսուած էր. «Իսահակով քեզի սերունդ պիտի տրուի», Քանզի Աբրահամ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել, ուստի որպէս նախատիպար ընդունեց զանիկա։ Հաւատքով Իսահակ գալու բաներուն վրայ մարգարէանալով ՝ օրհնեց Յակոբն ու Եսաւը։ Հաւատքով Յակոբ իր մեռնելու ատենը՝ Յովսէփին որդիներէն իւրաքանչիւրը օրհնեց ու երկրպագութիւն ըրաւ իր գաւազանին գլխուն վրայ յենելով։ Հաւատքով Յովսէփ իր վախճանելու ատենը յիշեցուց Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելլելը ու իր ոսկորներուն համար պատուէր տուաւ։ Հաւատքով, երբ ծնաւ Մովսէս, իր ծնողներուն ձեռքով երեք ամիս գաղտուկ պահուեցաւ. վասն զի տղան գեղեցիկ տեսան ու չվախցան թագաւորին հրամանէն։ Հաւատքով Մովսէս, երբ մեծցաւ, չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ. Քանզի աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել։ Աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը՝ քան թէ Եգիպտոսին գանձերը. վասն զի դիտելով կ’սպասէր վարձքին հատուցումին։ Հաւատքով Եգիպտոսը թողուց ու չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. վասն զի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր։ Հաւատքով ըրաւ զատիկը եւ արիւն սրսկելը, որպէս զի անդրանիկները սատկեցնողը իրեն չդպչի։ Հաւատքով Կարմիր ծովէն անցան, որպէս թէ ցամաքէ. որուն փորձը ընելով Եգիպտացիները ընկղմեցան։ Հաւատքով Երիքովի պարիսպները ինկան՝ եօթը օր անոնց բոլորտիքը պտըտելով։ Հաւատքով Ռախաբ պոռնիկը անհաւատներուն հետ չկորսուեցաւ, քանի որ լրտեսները խաղաղութեամբ ընդուներ էր։ Եւ ալ ի՞նչ ըսեմ. վասն զի ժամանակը բաւական չէ որ պատմեմ Գեդէօնին ու Բարակին եւ Սամփսոնին ու Յեփթայէին եւ Դաւիթին ու Սամուէլին եւ ուրիշ մարգարէներու համար. Որոնք հաւատքով թագաւորութիւններու յաղթեցին, արդարութիւն գործեցին, խոստումներու հասան, առիւծներու բերաններ գոցեցին, Կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերնէ ազատեցան, տկարութենէ ուժովցան, պատերազմի մէջ զօրաւոր եղան, օտարներու բանակներ ցրուեցին. Կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած. ոմանք չարչարուեցան եւ չընդունեցին ազատութիւնը, որպէս զի լաւագոյն յարութեան հասնին. Ուրիշներ ալ նախատինքներու ու ծեծերու, նաեւ կապերու ու բանտերու փորձը առին. Քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձանքի մէջ ինկան, սրով սպաննուելով մեռան, ոչխարի մորթերով ու այծի մորթերով պտըտեցան, կարօտութիւն քաշելով, նեղը իյնալով, չարչարուելով, (Որոնց արժանի չէր աշխարհս,) անապատներու ու լեռներու եւ այրերու ու երկրի խոռոչներու մէջ մոլորելով։ Եւ ասոնք հաւատքով վկայուած՝ խոստումը չառին. Քանզի Աստուած մեզի համար աւելի աղէկ բան մը նախապատրաստեց, որպէս զի անոնք առանց մեզի չկատարուին։ Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։ Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։ Արդ՝ միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք։ Տակաւին արիւն թափելու չափ պատերազմելով հակառակ չկեցաք մեղքին։ Մոռցաք այն յորդորը որ ձեզի հետ կը խօսի որպէս թէ որդիներու հետ. «Ո՛րդեակ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անկէ յանդիմանուելով՝ մի՛ թուլնար։ Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ եւ կը ծեծէ ամէն մէկ որդի որ կ’ընդունի» Եթէ խրատի համբերէք, Աստուած ձեզի հետ որպէս թէ որդիներու հետ պիտի վարուի. քանզի ո՞ր որդին է ան՝ որուն հայրը զինք չի պատժեր։ Իսկ եթէ դուք առանց խրատի ըլլաք, որուն ամէնքը մասնակից եղան, ուրեմն խո՛րթ էք դուք ու ո՛չ թէ որդիներ։ Նաեւ մարմնաւոր հայրերէն, որ մեզ կը խրատեն, կը պատկառինք, որչա՞փ աւելի պիտի հնազանդինք հոգիներուն Հօրը ու ապրինք։ Վասն զի անոնք քիչ օրեր մեզ կը խրատեն իրենց հաճոյ երեւցածին պէս, բայց Աստուած մեր օգտին համար՝ որպէս զի իր սրբութեանը հաղորդակցինք։ Յիրաւի ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն։ Ուստի թուլցած ձեռքերը ու տկար ծունկերը հաստատեցէ՛ք Եւ շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն, որ չըլլայ թէ ան որ կաղ է՝ խոտորի, այլ՝ մանաւանդ բժշկուի։ Խաղաղութեան ետեւէ եղէ՛ք ամենուն հետ եւ սրբութեան, առանց ասոր մէ՛կը պիտի չտեսնէ Տէրը։ Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը Աստուծոյ շնորհքէն ետ մնայ. չըլլայ որ դառնութեան արմատ մը վեր երեւնալով՝ ձեզ նեղէ ու անով շատեր պղծուին. Չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց։ Քանզի գիտէք որ՝ թէպէտ ետքը ուզեց օրհնութիւնը ժառանգել, բայց մերժուեցաւ. վասն զի ապաշխարութեան առիթ չգտաւ հօրը քով, թէպէտեւ արցունքով խնդրեց զանիկա։ Վասն զի դուք մօտեցած չէ՛ք շօշափելի լերանը, որ կրակով կը վառէր, ո՛չ ալ մէգին եւ խաւարին ու մրրիկին Եւ փողին հնչուելուն ու խօսքերուն ձայնին, որ լսողները աղաչեցին որ անգամ մըն ալ այն խօսքը չկրկնուի իրենց. Վասն զի չէին կրնար դիմանալ հրամանին. «Եթէ գազան մըն ալ լերանը դպչի՝ պիտի քարկոծուի »։ Այնպէս ահաւոր էր այն երեւոյթը՝ որ Մովսէս ըսաւ. «Սաստիկ կը վախնամ ու կը դողամ»։ Բայց դուք Սիօն լերան մօտեցեր էք ու կենդանի Աստուծոյ քաղաքին, երկնաւոր Երուսաղէմին եւ բիւրաւոր հրեշտակներուն Ու երկինքը գրուած անդրանիկներուն հանդիսաւոր ժողովին ու եկեղեցիին եւ Աստուծոյ՝ որ ամենուն Դատաւորն է ու արդարներուն հոգիներուն՝ որոնք կատարելութեան հասեր են Եւ Յիսուսին, որ նոր ուխտին միջնորդն է ու սրսկուելու արիւնին, որ Աբէլի արիւնէն աւելի աղէկ կը խօսի։ Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մերժէք զանիկա որ ձեզի կը խօսի. վասն զի եթէ անոնք երկրի վրայ Աստուծոյ պատգամները տուողը մերժելով չազատեցան, որչա՜փ աւելի մենք՝ եթէ երկնքէն խօսողէն երես դարձնենք. Որուն ձայնը այն ատեն երկիրը շարժեց եւ հիմա խոստացեր է ու կ’ըսէ. «Նորէ՛ն պիտի շարժեմ, ո՛չ միայն երկիրը, հապա նաեւ երկինքը»։ Եւ այն Նորէն բառը կը ցուցնէ թէ շարժուած բաները պիտի շարժին ու փոխուին, որպէս զի անշարժ բաները հաստատուն մնան։ Ուստի անշարժ թագաւորութիւնը առած ըլլալով՝ ամուր բռնենք այն շնորհքը ու Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ. Վասն զի մեր Աստուածը մաշող կրակ է։ Եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ։ Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի անով ոմանք հրեշտակներ ընդունեցին առանց գիտնալու։ Մտքերնիդ ըլլան կապուածները, որպէս թէ անոնց հետ դուք ալ կապուած էք եւ չարչարուածները՝ որպէս թէ դուք ալ մարմնաւոր էք։ Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։ Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ». Այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։ Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը ձեզի խօսեցան եւ անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք։ Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս։ Կերպ կերպ եւ օտարաձայն ուսմունքներով մի՛ տարուբերիք, քանզի աղէկ է որ սիրտը շնորհքով հաստատուի ու ոչ թէ կերակուրներով, որոնցմէ օգուտ մը չունեցան անոնք որ այնպէս գացին։ Սեղան մը ունինք մենք, ուրկէ իրաւունք չունին ուտելու անոնք որ խորանին ծառայութիւն կ’ընեն։ Քանզի այն անասուններուն՝ որոնց արիւնը սուրբ տեղը կը տարուի մեղքի համար քահանայապետին ձեռքով՝ անոնց մարմինները բանակէն դուրս կ’այրուին. Ուստի Յիսուս ալ, իր արիւնովը ժողովուրդը սրբելու համար, դռնէն դուրս չարչարուեցաւ։ Ուրեմն եկէք իրեն ելլենք բանակէն դուրս, մեր վրայ առնելով անոր նախատինքը։ Վասն զի մենք հոս մնայուն քաղաք չունինք, հապա հանդերձեալը կը փնտռենք։ Ուստի անոր ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին։ Իսկ բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի։ Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ։ Մեզի համար աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ։ Եւ մանաւանդ կ’աղաչեմ որ այս ընէք, որպէս զի աւելի շուտով ձեզի դառնամ։ Խաղաղութեան Աստուածը որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, որ յաւիտենական ուխտին արիւնովը ոչխարներուն մեծ Հովիւն է, Ձեզ ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ իր կամքը ընելու եւ ձեր մէջ իր առջեւ հաճելի եղածը ընէ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, որուն փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։ Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբա՛յրներ, այս յորդորական խօսքիս համբերել, վասն զի համառօտաբար գրեցի ձեզի։ Գիտցէք թէ մեր եղբայրը Տիմոթէոս արձակուած է, որուն հետ, եթէ շուտով գայ, պիտի տեսնեմ ձեզ։ Բարեւ ըրէ՛ք ձեր բոլոր առաջնորդներուն ու բոլոր սուրբերուն. ձեզի բարեւ կ’ընեն անոնք որ Իտալիայէն են։ Շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։ Յակոբոս՝ Աստուծոյ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսին ծառայ՝ տասներկու ցեղերուդ, որ ամէն կողմ ցրուած էք, ողջո՛յն։ Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, Գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ։ Բայց համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ, որպէս զի կատարեալ ու ամբողջ ըլլաք ու բանի մը պակասութիւն չունենաք։ Իսկ եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի։ Միայն թէ հաւատքով թող խնդրէ ու չերկմտի. վասն զի ան որ երկմիտ է, ծովուն հողմակոծեալ ու տատանեալ ալիքներուն նման է. Այն մարդը թող չկարծէ թէ Տէրոջմէ բան մը պիտի առնէ. Երկմիտ մարդը անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ։ Խոնարհ եղբայրը իր բարձրութեանը վրայ թող պարծենայ Եւ ան որ հարուստ է՝ իր խոնարհութեանը վրայ, վասն զի անիկա խոտի ծաղկին պէս պիտի անցնի. Քանզի արեւը սաստիկ տաքութիւնով մը կը ծագի ու կը ցամքեցնէ խոտը եւ անոր ծաղիկը կը թափի ու անոր երեւոյթին գեղեցկութիւնն ալ կը կորսուի. նոյնպէս ալ հարուստը իր ճամբաներուն մէջ պիտի թառամի։ Երանելի է այն մարդը, որ փորձութեան կը համբերէ։ Վասն զի եթէ փորձուելով ընտիր գտնուի, կենաց պսակը պիտի առնէ, որ Տէրը զինք սիրողներուն խոստացաւ։ Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. «Աստուծմէ կը փորձուիմ». վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ։ Սակայն ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. Անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի՝ մահ կը ծնանի։ Մի՛ խաբուիք, իմ սիրելի՛ եղբայրներս. Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է եւ լոյսի Հօրմէն կ’իջնէ, որուն մէջ բնաւ փոփոխութիւն կամ դառնալու շուք մը չկայ։ Իր ուզելովը մեզ ծնաւ ճշմարտութեան խօսքովը, որպէս զի մենք իր ստեղծածներուն երախայրի մը ըլլանք։ Ուստի, իմ սիրելի՛ եղբայրներս, ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ շանր՝ բարկանալու մէջ, Վասն զի մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր։ Ուստի ամէն աղտեղութիւն ու չարութիւն մէկդի ձգելով, հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել։ Խօսքը կատարեցէ՛ք, միայն մի՛ լսէք՝ ինքզինքնիդ խաբելով։ Վասն զի եթէ մէկը միայն լսէ խօսքը ու չկատարէ, կը նմանի մարդու մը՝ որ հայելիի մէջ աչքերը տնկած իր բնական երեսը կը դիտէ. Վասն զի դիտելով կը տեսնէ ինքզինք ու կ’անցնի կ’երթայ եւ շուտ մը կը մոռնայ թէ ի՛նչպիսի մէկն էր։ Բայց ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ, կը լսէ, չի մոռնար, այլ կը կատարէ, երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ։ Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է։ Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. «Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն»։ Ե՛ղբայրներս, աչառութեամբ մի՛ պահէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին՝ փառաց Տէրոջ հաւատքը։ Քանզի եթէ ձեր ժողովին մէջ մարդ մը մտնելու ըլլայ որ ունենայ ոսկի մատանի եւ փառաւոր հանդերձներ, հոն աղքատ մըն ալ մտնելու ըլլայ աղտոտ հանդերձներով Եւ նայիք անոր վրայ որ փառաւոր հանդերձներ ունի ու ըսէք. «Դուն հոս նստէ պատուով», իսկ աղքատին՝ «Ոտքի՛ կայնէ, կամ նստէ պատուանդանիս քով», Ձեր մէջ խտրութիւններ չէ՞ք դներ ու չար խորհուրդներու դատաւոր չէ՞ք ըլլար։ Մտիկ ըրէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, չէ՞ որ Աստուած աշխարհի աղքատները ընտրեց, որոնք հաւատքով հարուստ են ու ժառանգորդ արքայութեանը, որը զինք սիրողներուն խոստացաւ, Բայց դուք աղքատները անարգեցիք։ Հարուստները չե՞ն որ ձեզ կը հարստահարեն ու ձեզ դատարանները կը քաշեն։ Անոնք չե՞ն որ կը հայհոյեն այն բարի անուան, որ ձեր վրայ դրուած է։ Արդ՝ եթէ դուք արքայական օրէնքը կը կատարէք գրքին ըսածին համեմատ, թէ՝ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս», աղէկ կ’ընէք. Բայց եթէ աչառութիւն կ’ընէք մե՛ղք կը գործէք եւ օրէնքէն պիտի յանդիմանուիք օրինազանցներու պէս։ Քանզի ով որ բոլոր օրէնքը պահէ ու բանի մը մէջ յանցաւոր ըլլայ, անիկա ամենուն պարտական կ’ըլլայ։ Վասն զի ան որ ըսաւ թէ «Շնութիւն մի՛ ըներ», ըսաւ թէ «Մի՛ սպաններ». ուստի եթէ շնութիւն չընես բայց սպաննութիւն ընես, օրինազանց կ’ըլլաս։ Այնպէ՛ս խօսեցէք եւ այնպէ՛ս ըրէք՝ որպէս թէ ազատութեան օրէնքովը պիտի դատուիք։ Վասն զի դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ անոր որ ողորմութիւն չըներ եւ ողորմութիւնը կը պարծենայ դատաստանին դիմաց։ Ի՞նչ օգուտ է, եղբա՛յրներս, եթէ մէկը ըսէ թէ հաւատք ունի ու գործ չունենայ. միթէ հաւատքը կրնա՞յ փրկել զանիկա։ Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ ըլլայ կամ օրուան կերակուրին կարօտ Ու ձեզմէ մէկը անոնց ըսէ. «Գացէ՛ք խաղաղութեամբ, տաքցէ՛ք ու կշտացէք», բայց մարմնին պէտք եղած բաները անոնց չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի։ Այսպէս ալ հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է։ Նաեւ կրնայ մէկը ըսել թէ՝ «Դուն հաւատք ունիս, ես ալ գործեր ունիմ. դուն քու հաւատքդ ցուցուր ինծի առանց գործերու ու ես քեզի ցուցնեմ իմ հաւատքս իմ գործերովս։ Դուն կը հաւատաս թէ Աստուած մէկ է։ Աղէկ կ’ընես, դեւերն ալ կը հաւատան եւ կը սարսափին Բայց կ’ուզե՞ս գիտնալ, ո՛վ սնոտի մարդ թէ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»։ Աբրահամ՝ մեր հայրը՝ գործերով չարդարացա՞ւ, երբ իր որդին Իսահակը սեղանին վրայ հանեց զոհ ընելու ։ Կը տեսնե՞ս թէ հաւատքը անոր գործերուն հետ մէկտեղ գործեց ու այն գործերով հաւատքը կատարեալ եղաւ։ Եւ գրքին խօսքը կատարուեցաւ, որ կ’ըսէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ եւ ինք Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»։ Կը տեսնէ՞ք թէ մարդ գործերով կ’արդարանայ, ո՛չ թէ՝ միայն հաւատքով։ Նոյնպէս ալ Ռախաբ պոռնիկը չէ՞ որ գործերով արդարացաւ, երբ լրտեսները ներս առաւ եւ ուրիշ ճամբայով արձակեց անոնք ։ Քանզի ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է։ Եղբայրներս, շատ վարդապետող մի՛ ըլլաք, գիտնալով որ աւելի մեծ դատաստան պիտի ընդունինք. Վասն զի ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք. եթէ մէկը խօսքով յանցանք չընէ՝ անիկա կատարեալ մարդ է, որ կարող է բոլոր մարմինն ալ սանձել։ Գիտէք թէ ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք, որպէս զի անոնք մեզի հնազանդին ու անոնց բոլոր մարմինը կը կառավարենք. Ահա նաւերն ալ որչա՜փ մեծ բաներ են եւ սաստիկ հովերէն կը քշուին, բայց շատ փոքր ղեկով մը կը կառավարուին՝ ղեկավարին կամքը ո՛ր կողմը որ ուզէ։ Այսպէս ալ լեզուն պզտիկ անդամ մ’է, բայց մեծ բաներ կը խօսի։ Ահա քիչ մը կրակը ո՛րչափ բան բոցի կու տայ։ Լեզուն ալ կրակ մըն է, անիրաւութեան տիեզերք մը։ Լեզուն մեր անդամներուն մէջ այնպէս դրուած է, որ բոլոր մարմինը կ’ապականէ եւ բնութեան շրջանը կը բռնկեցնէ ու ինք գեհեանէն կը բռնկի։ Բոլոր գազաններուն ու թռչուններուն եւ սողուններուն ու ծովուն մէջ եղածներուն բնութիւնը կը նուաճուի եւ նուաճուած է մարդկութենէն։ Բայց մարդ լեզուն չի կրնար նուաճել։ Անիկա անզուսպ չար է ու մահաբեր թոյնով լեցուն։ Անով կ’օրհնենք Աստուած ու Հայրը եւ անով կ’անիծենք մարդիկ՝ որոնք Աստուծոյ նմանութիւնովը ստեղծուած են։ Միեւնոյն բերնէն կ’ելլեն օրհնութիւն ու անէծք։ Ե՛ղբայրներս, պէտք չէ որ այս այսպէս ըլլայ։ Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն բերնէն անոյշ ու լեղի կը բղխեցնէ՞։ Միթէ կարելի՞ է, եղբա՛յրներս, որ թզենին ձիթապտուղ բերէ կամ որթատունկը՝ թուզ։ Նմանապէս կարելի չէ որ աղբիւրէ մը աղի ու անոյշ ջուր հոսի։ Ձեր մէջ իմաստուն ու խելացի ո՞վ կայ. թող անիկա բարի վարմունքով ցուցնէ իր գործերը եւ իմաստութեան հեզութիւնով։ Ապա եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք սրտերնուդ մէջ, մի՛ պարծենաք ու ճշմարտութիւնը սուտ մի՛ հանէք։ Այս իմաստութիւնը վերէն իջած չէ, հապա երկրաւոր, շնչաւոր եւ դիւական է։ Քանզի ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները։ Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։ Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն։ Ուրկէ՞ են պատերազմները եւ ուրկէ՞ կռիւները ձեր մէջ։ Չէ՞ որ ձեր ցանկութիւններէն, որոնք ձեր անդամներուն մէջ կը պատերազմին։ Կը ցանկաք ու չունիք, կը սպաննէք ու կը նախանձիք եւ չէ՛ք կրնար ձեր ուզածին հասնիլ։ Կը պատերազմիք ու կը կռուիք, բայց չունիք, վասն զի չէ՛ք խնդրեր. Կը խնդրէք ու չէ՛ք առներ, վասն զի չարաչար կը խնդրէք՝ որպէս զի ձեր ցանկութիւններուն բանեցնէք։ Շնա՛ցողներ, չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհին սէրը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուստի ով որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կ’ընէ։ Կամ թէ կը կարծէք որ գիրքը պարա՞պ տեղ կ’ըսէ թէ Նախանձի կը փափաքի մեր մէջ բնակող հոգին՝ ՝։ Սակայն աւելի շնորհք կու տայ. անոր համար կ’ըսէ. «Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ Ուստի հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի։ Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ։ Սրբեցէ՛ք ձեռքերնիդ, մե՛ղաւորներ եւ մաքրեցէք սրտերնիդ, ե՛րկմիտներ, Տառապանք քաշեցէ՛ք, սուգ ըրէ՛ք ու լացէ՛ք. ձեր ծիծաղը սուգի դառնայ ու ձեր ուրախութիւնը՝ տրտմութեան։ Տէրոջը առջեւ խոնարհեցէ՛ք ու ան ձեզ պիտի բարձրացնէ։ Մէկզմէկ մի՛ բամբասէք. ան որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամ իր եղբայրը կը դատէ, օրէնքը կը բամբասէ եւ օրէնքը կը դատէ։ Եթէ օրէնքը դատես, ա՛լ դուն օրէնքը կատարող չես, հապա դատաւոր։ Միայն մէկ Օրէնսդիր [ու Դատաւոր] կայ, որ կարող է փրկել եւ կորսնցնել։ Դուն ո՞վ ես որ ուրիշը կը դատես։ Հիմա մտի՛կ ըրէք դուք, որ կ’ըսէք. «Այսօր կամ վաղը երթանք այս անուն քաղաքը ու հոն տարի մը կենանք եւ առուտուր ընենք ու վաստկինք». (Դուք ոչինչ գիտէք վաղուան մասին. Քանզի ի՞նչ է ձեր կեանքը. յիրաւի շոգի մըն է, որ քիչ մը ատեն կ’երեւնայ ու ետքը կ’ոչնչանայ.) անոր տեղ ըսելու էք. «Եթէ Տէրը կամենայ ու ապրինք, այս կամ այն բանը ընենք»։ Բայց հիմա ձեր ամբարտաւանութիւնովը կը պարծենաք։ Բոլոր պարծանքները չարութիւն են։ Ուստի ով որ բարին ընելը գիտնայ ու չընէ, ան մեղք է անոր։ Աղէ՜ հիմա, հարուստներ, լացէ՛ք, ողբացէ՛ք ան թշուառութիւններուն համար՝ որոնք ձեր վրայ պիտի գան։ Ձեր հարստութիւնը ապականած է ու ձեր հանդերձները՝ ցեցի կերակուր եղած։ Ձեր ոսկին ու արծաթը ժանգոտած են եւ անոնց ժանգը ձեզի դէմ վկայ պիտի ըլլայ ու ձեր մարմինը պիտի ուտէ կրակի պէս։ Վերջին օրերուն համար գանձ դիզեցիք։ Ահա ձեր արտերը հնձող բանուորներուն վարձքը՝ որ ետ պահեցիք՝ կ’աղաղակէ ու հնձողներուն բողոքը զօրութեան Տէրոջը ականջներուն հասաւ։ Երկրին վրայ փափկութեամբ եւ հեշտութեամբ ապրեցաք, սրտերնիդ սնուցանեցիք՝ որպէս թէ մորթուելու օրուան համար։ Դատապարտեցի՛ք ու սպաննեցի՛ք արդարը, որ ձեզի հակառակ չկենայ։ Ուստի համբերո՛ղ եղէք, ե՛ղբայրներ, մինչեւ Տէրոջը գալուստը։ Ահա երկրագործը կը սպասէ երկրին պատուական պտուղին՝ անոր համար համբերելով, մինչեւ առաջին ու վերջին անձրեւը առնէ։ Դո՛ւք ալ համբերութիւն ունեցէ՛ք, սրտերնիդ հաստա՛տ բռնեցէք. վասն զի Տէրոջը գալուստը մօտ է։ Զիրար մի՛ տրտմեցնէք, ե՛ղբայրներ, որպէս զի չդատապարտուիք։ Ահա դատաւորը դրանը քով կայներ է։ Ե՛ղբայրներս, չարչարանքներու ու համբերութեան համար օրինակ առէք մարգարէները, որոնք Տէրոջը անունովը խօսեցան։ Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է։ Արդ՝ ամէն բանէ առաջ, եղբայրնե՛րս, երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ, ո՛չ երկրի վրայ, ո՛չ ալ ուրիշ երդում մը. հապա ձեր Այոն այո ըլլայ եւ Ոչը՝ ոչ, որ չըլլայ թէ դատապարտութեան տակ իյնաք։ Եթէ ձեզմէ մէկը նեղութեան մէջ է, աղօթք թող ընէ։ Եթէ մէկը ուրախ է, սաղմոս թող երգէ։ Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր։ Ձեր յանցանքները իրարու խոստովանեցէ՛ք ու աղօ՛թք ըրէք իրարու համար, որպէս զի բժշկուիք։ Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի։ Եղիան մեզի պէս կրքերու ենթակայ մարդ մըն էր։ Աղօթք ըրաւ որ անձրեւ չգայ եւ երեք տարի ու վեց ամիս երկրի վրայ անձրեւ չեկաւ։ Եւ նորէն աղօթք ըրաւ ու երկինք անձրեւ տուաւ եւ երկիր իր պտուղը բուսցուց։ Ե՛ղբայրներ, եթէ ձեզմէ մէկը ճշմարտութենէն մոլորի, մէկը թող զանիկա դարձի բերէ։ Գիտցած եղէք թէ ան, որ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն կը դարձնէ, հոգի մը մահուանէ կ’ազատէ ու մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ։ Պետրոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ օտարականներուդ, որ ցրուած էք Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ, ընտրուած՝ Հօր Աստուծոյ կանխագիտութեանը համեմատ՝ Հոգիին սրբացնելովը, հնազանդութեան եւ Յիսուս Քրիստոսին արիւնին սրսկուելուն համար. շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ թող շատնան։ Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը, Անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի, Որ Աստուծոյ զօրութիւնովը պահպանուած էք հաւատքով այն փրկութեանը համար՝ որ պատրաստուած է վերջին ժամանակը յայտնուելու. Որով կ’ուրախանաք, թէեւ հիմա, ինչպէս հարկը կը պահանջէ, քիչ մը ատեն տրտմած էք զանազան փորձութիւններով Որպէս զի ձեր հաւատքին փորձառութիւնը (որ կորստական ոսկիէն աւելի պատուական է, թէեւ ոսկին կրակով կը փորձուի,) գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը. Որ դուք չտեսած կը սիրէք եւ որը հիմա ալ չէք տեսներ, բայց կը հաւատաք անոր եւ ուրախ էք անպատմելի եւ փառաւոր խնդութեամբ, Որպէս ձեր հաւատքին արդիւնք՝ հոգիներուն փրկութիւնը ընդունեցիք։ Այդ փրկութեան համար փնտռեցին ու քննեցին մարգարէները, որ մարգարէացան ձեզի ըլլալու շնորհքը։ Ու կը քննէին թէ ե՞րբ կամ ի՞նչպիսի ատեն կ’իմացընէր իրենց մէջ եղած Քրիստոսին Հոգին, որ առաջ կը վկայէր Քրիստոսին չարչարուիլը ու անկէ յետոյ փառաւորուիլը։ Անոնց յայտնուեցաւ, որոնք ո՛չ թէ իրենց՝ հապա մեզի մատակարարեցին այն բաները, որոնք հիմա ձեզի պատմուեցան անոնց ձեռքով՝ որ աւետարանը քարոզեցին ձեզի Սուրբ Հոգիով, որ երկնքէն ղրկուեցաւ. որոնց հրեշտակները կը ցանկան տեսնել ակնկառոյց։ Ձեր մտքերը գօտեպնդեցէ՛ք՝ արթուն կեցած՝ կատարելապէս յուսացէք այն շնորհքին որ ձեզի պիտի տրուի Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը։ Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով, Հապա ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։ Վասն զի գրուած է. «Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ»։ Եթէ Հայր կը կոչէք զանիկա՝ որ առանց աչառութեան կը դատէ ամէն մէկը իր գործին համեմատ, ուրեմն ձեր պանդխտութեան ժամանակը վախո՛վ անցուցէք, Գիտնալով որ դուք ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք, որ ձեր հայրերէն ստացաք անուղիղ ճամբաներով, Հապա Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը. Որ ճանչցուած էր աշխարհի սկիզբէն առաջ ու վերջին ատենը յայտնուեցաւ ձեզի համար, Որուն միջոցով Աստուծոյ հաւատացիք, որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց եւ անոր փառաւորութիւն տուաւ, որպէս զի ձեր հաւատքը ու յոյսը Աստուծոյ վրայ ըլլայ։ Ձեր անձերը մաքրեցէ՛ք Հոգիին միջոցաւ՝ ճշմարտութեանը հնազանդելով, եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ ըլլալով։ Սուրբ սրտով մէկզմէկ պի՛նդ սիրեցէք, Նորէն ծնած ըլլալով՝ ո՛չ թէ ապականացու սերմէն, հապա՝ անապականացուէն Աստուծոյ կենդանի ու յաւիտենական խօսքովը։ Վասն զի ամէն մարմին խոտի պէս է եւ մարդուն բոլոր փառաւորութիւնը՝ խոտի ծաղիկի պէս. խոտը կը չորնայ ու անոր ծաղիկը կը թափթփի. Բայց Տէրոջը խօսքը յաւիտեան կը մնայ, այսինքն այն խօսքը, որ աւետարանով ձեզի քարոզուեցաւ։ Ուրեմն մէկդի՛ ձգելով ամէն չարութիւն ու ամէն խաբէութիւն ու կեղծաւորութիւն եւ նախանձ ու ամէն չարախօսութիւն՝ Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէս զի անով մեծնաք [մինչեւ փրկութիւն], Քանզի Տէրոջը քաղցր ըլլալուն համը առիք։ Մօտեցէ՛ք անոր, այն կենդանի Վէմին որ թէպէտ մարդոցմէ անարգուած է, բայց Աստուծմէն ընտրուած ու պատուական է, Դուք ալ կենդանի քարերու պէս շինուիք հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Աստուծոյ հաճելի հոգեւոր պատարագներ մատուցանելու։ Որովհետեւ գրքին մէջ ալ կայ. «Ահա՛ Սիօնի մէջ ընտիր, պատուական անկիւնի վէմ մը կը դնեմ եւ ով որ անոր հաւատայ՝ բնաւ պիտի չամչնայ»։ Ուստի ձեզի հաւատացեալներուդ պատուական է ան, բայց անհաւատներուն՝ «Այն քարը որ շինողները անարգեցին՝ անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ Եւ գլորման վէմ ու գայթակղութեան քար անոնց՝ որ խօսքին չհաւատալով կը գայթակղին», որուն սահմանուած ալ էին։ Բայց դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց. Որ ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. որ առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք։ Սիրե՛լիներ, կ’աղաչեմ, պանդուխտներու եւ օտարականներու պէս մէկդի՛ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին, Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը։ Ուստի հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար, թէ՛ թագաւորին՝ որ բարձրագոյն հեղինակութիւնն է, Թէ՛ կուսակալներուն՝ անոր կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար։ Վասն զի Աստուծոյ կամքը այսպէս է, որ բարեգործութեամբ անխելք մարդոց տգիտութիւնը պապանձեցնէք. Ազատներու պէս ըլլալով եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս։ Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէ՛ք. թագաւորը յարգեցէ՛ք։ Ծառաները ամէն բանի մէջ վախով հնազանդ ըլլան իրենց տէրերուն, ո՛չ միայն բարերարներուն ու հեզերուն, հապա ժանտաբարոներուն ալ։ Քանզի Աստուծմէ է այս շնորհքը, երբ մէկը բարի խղճմտանքով անիրաւ տեղ վիշտ կը կրէ։ Վանս զի գովեստի արժանի ի՛նչ կայ եթէ մեղք գործելով ծեծուիք ու համբերէք։ Բայց եթէ բարիք գործելով չարչարուիք ու համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է։ Քանզի դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց, որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք։ Ան մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ, Բայց կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր. Որ մեր մեղքերը իր մարմնովը խաչափայտին վրայ վերցուց, որպէս զի մենք մեղքերէն ազատինք ու արդարութեան համար ապրինք. որուն վէրքերովը դուք բժշկուեցաք։ Վասն զի մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա ձեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին դարձաք։ Նմանապէս կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ Տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը։ Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն մազերու հիւսուածքներով եւ ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, Հապա սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է։ Վասն զի ատենօք սուրբ կիները, որոնք իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած էին, անձերնին կը զարդարէին՝ իրենց այրերուն հնազանդ ըլլալով. Ինչպէս Սառա հնազանդ էր Աբրահամին եւ զանիկա տէր կը կոչէր։ Դուք՝ եթէ բարեգործ ըլլաք ու ոեւէ երկիւղ չունենաք՝ անոր զաւակները կ’ըլլաք։ Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ։ Վերջապէս ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու քաղցրաբարոյ։ Չըլլայ որ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէք կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք, այլ ընդհակառակն՝ օրհնեցէ՛ք, գիտնալով որ այս բանին համար կանչուեցաք, որպէս զի օրհնութիւն ժառանգէք։ Վասն զի ան որ կ’ուզէ կեանքը սիրել ու բարի օրեր տեսնել, իր լեզուն թող դադրեցնէ չարութենէ ու իր շրթունքները՝ նենգութիւն խօսելէ։ Թող չարութենէ ետ քաշուի ու բարութիւն ընէ, թող խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն երթայ։ Վասն զի Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է։ Եւ ո՞վ ձեզի չարիք մը պիտի հասցնէ՝ եթէ դուք բարիին հետեւիք։ Բայց եթէ արդարութեան համար չարչարուիք ալ՝ երանելի էք եւ անոնց ահէն մի՛ վախնաք ու մի՛ շփոթիք. Հապա Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն։ Մաքուր խղճմտանք ունեցէք, որպէս զի անոնք որ ձեզ կը բամբասեն իբրեւ չարագործներ ամօթով մնան, անոնց պէս որ Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը կը պախարակեն։ Վանս զի աւելի աղէկ է բարեգործութիւն ընելով չարչարուիլ, եթէ Աստուծոյ կամքը այդ է, քան թէ չարագործութիւն ընելով։ Վասն զի Քրիստոս ալ մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, Արդարը անարդարներուն համար, որպէս զի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ։ Ան թէպէտ մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի է հոգիով. Որով բանտի մէջ եղած հոգիներուն ալ գնաց ու քարոզեց. Որոնք ատեն մը ապստամբ էին, երբ Աստուծոյ երկայնմտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյին օրերը՝ երբ տապանը կը շինուէր, որուն մէջ քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան. Որ մեզ ալ՝ այն օրինակին պէս՝ մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ, (ո՛չ թէ մարմնին աղտը մէկդի ձգելը, հապա բարի խղճմտանքին վկայութիւնը առ Աստուած,) Յիսուս Քրիստոսին յարութիւնովը. Որ երկինք գացած՝ Աստուծոյ աջ կողմն է, հրեշտակներն ու իշխանութիւնները եւ զօրութիւնները իրեն հնազանդ են։ Քանի որ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմնով, դուք ալ նո՛յն մտքով զինուեցէք. վասն զի ան որ մարմնով չարչարուեցաւ՝ մեղանչելէ դադարեցաւ. Որպէս զի ալ ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն պէս՝ հապա Աստուծոյ կամքին պէս ապրիք մարմնի մէջ մնացած ատեն։ Վասն զի հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք։ Ու կը զարմանան՝ որ դուք նոյն անառակութեան մէջ անոնց հետ չէք վազեր ու հայհոյութիւն կ’ընեն, Որոնք պատասխան պիտի տան անոր՝ որ պատրաստ է դատել կենդանիներն ու մեռելները։ Քանզի ասոր համար մեռելներուն ալ աւետարանը քարոզուեցաւ, որպէս զի դատուին մարդոց կողմանէ մարմնով ու հոգիով կենդանի ըլլան Աստուծոյ կողմանէ։ Սակայն ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի զգաստ եղէ՛ք ու աղօթքի մէջ արթուն կեցէ՛ք։ Եւ ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ։ Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու։ Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս։ Եթէ մէկը խօսի, Աստուծոյ պատգամներու պէս թող խօսի. եթէ մէկը մատակարարութիւն ընէ, որպէս թէ Աստուծոյ շնորհներու զօրութենէն թող ընէ, որպէս զի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով. որուն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։ Սի՛րելիներ, օտար բան մի՛ սեպէք այն նեղութեան բորբոքումը, որ ձեզ փորձելու համար կ’ըլլայ, որպէս թէ օտար բան մը ձեզի հանդիպած է. Հապա ուրախ եղէ՛ք՝ քանի որ Քրիստոսին չարչարանքներուն հաղորդակից եղած էք, որպէս զի անոր փառքին յայտնուելու ատենն ալ ցնծութեամբ ուրախանաք։ Եթէ Քրիստոսին անուանը համար նախատուիք, երանելի է՛ք. վասն զի փառքի [եւ զօրութեան] եւ Աստուծոյ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է. արդարեւ անոնց կողմէն կը հայհոյուի անիկա, բայց ձեր կողմէն կը փառաւորուի՝ ՝։ Չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը չարչարուի իբրեւ մարդասպան կամ գող կամ չարագործ կամ իբրեւ ուրիշի բանին խառնուող. Բայց եթէ չարչարուի իբրեւ քրիստոնեայ՝ թող չամչնայ, հապա ատոր համար թող Աստուծոյ փառք տայ։ Քանզի ժամանակ է որ դատաստանը Աստուծոյ տունէն սկսի։ Եթէ առաջ մեզմէ սկսի, հապա անոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ՝ որոնք Աստուծոյ աւետարանին չեն հնազանդիր։ Եթէ արդարը դժուարաւ կը փրկուի, հապա ամբարիշտն ու մեղաւորը ո՞ւր պիտի գտնուին։ Ուստի անոնք որ Աստուծոյ կամքին համեմատ կը չարչարուին, բարիք գործելով իրենց հոգիները թող անոր յանձնեն, իբրեւ հաւատարիմ՝ Ստեղծողին։ Ձեր մէջ եղող երէցներուն կ’աղաչեմ, ես ալ նոյնպէս երէց ըլլալովս, Քրիստոսին չարչարանքներուն վկայ եւ մասնակից հանդերձեալ փառքին որ պիտի յայտնուի, Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք, վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ, ո՛չ թէ անարգ շահախնդրութեամբ՝ հապա յօժարութեամբ, Ո՛չ թէ վիճակներուն վրայ տիրելով՝ հապա հօտին օրինակ ըլլալով. Եւ Հովուապետին երեւցած ատենը փառքի անթառամ պսակը պիտի ընդունիք։ Նմանապէս դո՛ւք, երիտասարդներ, հնազա՛նդ եղէք ծերերուն։ Ամէնքդ իրարու հնազանդ ըլլալով՝ խոնարհութիւն հագէք. վասն զի Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ։ Ուրեմն Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ։ Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ։ Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։ Եւ բոլոր շնորհներու Աստուածը, որ մեզ իր յաւիտենական փառքին կանչեց Քրիստոս Յիսուսին միջոցով, քիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքը, ինք ձեզ թող կատարեալ ընէ՛, հաստատէ՛, զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛։ Իրեն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։ Սիղուանոս հաւատարիմ եղբօր ձեռքով, (ինչպէս ես կը կարծեմ,) համառօտ մը ձեզի գրեցի, յորդորելով ու վկայելով թէ այս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, որուն մէջ հաստատ կեցեր էք։ Բարեւ կ’ընէ ձեզի Բաբելոնի մէջ եղած եկեղեցին, որ ձեզի հետ ընտրուած է ու իմ որդիս Մարկոս ալ։ Բարեւ տուէք իրարու սիրոյ համբոյրով. խաղաղութիւն ձեր ամենուն հետ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էք։ Ամէն։ Շմաւոն Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ եւ առաքեալ՝ ձեզի, որ մեզի հետ նոյն պատուական հաւատքին հասաք մեր Աստուծոյն ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսին արդարութիւնովը. Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ աւելնան Աստուծոյ ու մեր Տէրոջը Յիսուսին գիտութիւնովը։ Ինչպէս իր աստուածային զօրութիւնը կեանքի եւ աստուածպաշտութեան վերաբերեալ բոլոր բաները մեզի տուաւ անոր գիտութիւնովը՝ որ մեզ փառքով ու առաքինութիւնով հրաւիրեց, Որոնցմով ամենամեծ ու պատուական խոստումներ տրուած են մեզի, որպէս զի ասնոցմով աստուածային բնութեանը հաղորդակցինք՝ աշխարհի ցանկութենէն յառաջ եկած ապականութենէն փախչելով։ Եւ այս բանին համար բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն Եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն ու ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն Ու աստուածպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր, Քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ։ Բայց որուն քով որ այս բաները չկան, անիկա կոյր է ու կարճատես, որ մոռցեր է իր առաջուան մեղքերէն մաքրուիլը։ Ասոր համար, ե՛ղբայրներ, աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի այս ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չիյնաք. Քանզի ասանկով ձեզի առատօրէն իրաւունք պիտի շնորհուի մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնել։ Ուստի երբեք զանցառու պիտի չըլլամ այս բաները մտքերնիդ ձգելու, թէեւ գիտէք եւ հաստատուած էք ներկայ ճշմարտութեանը վրայ։ Պարտականութիւն կը սեպեմ, որքան ատեն որ մարմնի մէջ եմ, մտքերնիդ ձգելով՝ ձեզ արթնցնել։ Քանզի գիտեմ թէ ես շուտով այս իմ մարմնէս պիտի մերկանամ, ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը յայտնեց ինծի։ Ուստի պիտի ջանամ որ իմ աշխարհէն ելլելէս ետքն ալ միշտ կարող ըլլաք այս բաները յիշել։ Վասն զի ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով։ Վասն զի ինք Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերանը վրայ։ Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի։ Բայց առաջ ասիկա գիտցէք, թէ գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան։ Սուտ մարգարէներ ալ կային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ պիտի ըլլան, որոնք գաղտուկ պիտի մտցնեն կորստաբեր հերձուածներ ու զիրենք ծախու առնող Տէրը ուրանալով՝ իրենց վրայ պիտի բերեն արագահաս կորուստը։ Շատեր անոնց կորստական ընթացքներուն՝ ՝ ետեւէն պիտի երթան, որոնց համար ճշմարտութեան ճամբուն պիտի հայհոյեն. Եւ ագահութիւնով՝ խորամանկութեամբ հնարուած խօսքերով ձեզ պիտի շահագործեն. որոնց դատապարտութիւնը շատոնցմէ պատրաստ ըլլալով ՝ պիտի չուշանայ ու անոնց կորուստը պիտի չմրափէ։ Վասն զի եթէ Աստուած մեղք գործող հրեշտակներուն չխնայեց, հապա խաւարի կապերով տարտարոսը ձգած՝ դատաստանի պահել տուաւ Ու առաջուան աշխարհին ալ չխնայեց. միայն թէ Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց, երբ ջրհեղեղը ամբարիշտներուն աշխարհին վրայ բերաւ. Եւ Սոդոմ ու Գոմորի քաղաքները մոխիր դարձնելով ու կործանելով դատապարտեց, ետքը ամբարիշտ մարդոց օրինակ ըրաւ զանոնք. Բայց ազատեց արդար Ղովտը, որ անօրէններուն անառակ վարքէն ձանձրացեր էր. (Վասն զի այն արդարը անոնց մէջ կենալով՝ աչքովը տեսնելով ու ականջովը լսելով, օրէ օր արդար հոգին կը տանջուէր անոնց անօրէն վարքովը.) Տէրը գիտէ բարեպաշտները փորձութենէ ազատել եւ անիրաւները տանջանքի համար դատաստանի օրուան պահել։ Մանաւանդ անոնք որ պղծալից ցանկութեամբ մարմնի ետեւէ կ’երթան եւ տէրութիւնը կ’անարգեն, ինքնահաւան եւ յանդուգն են, չեն վախնար մեծափառներուն հայհոյելէ։ Երբ հրեշտակները, որ անոնցմէ շատ մեծ են զօրութիւնով ու կարողութիւնով, Տէրոջը առջեւ հայհոյութեամբ դատապարտութիւն չեն բերեր անոնց վրայ։ Բայց ասոնք անբան անասուններու պէս, (որ բնականէն որսացուելու եւ սպաննուելու համար են) կը հայհոյեն անոնց որ չեն ճանչնար. անոնք իրենց ապականութիւնովը պիտի ապականին, Անիրաւութեան վարձքը ընդունելով։ Անոնք ցորեկուան մէջ եղած զեղխութիւնը զուարճութիւն կը սեպեն։ Արատ ու բիծ են, իրենց խաբէութիւններովը զուարճանալով՝ երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին. Շնութեամբ լեցուն աչքեր ունին, որ մեղքէ չեն դադարիր. անհաստատ հոգիները կը խաբեն. ագահութեան վարժուած սրտեր ունին եւ անիծեալ զաւակներ են։ Շիտակ ճամբան ձգելով մոլորեցան՝ Բէովրեան Բաղաամին ճամբուն հետեւելով, որ անիրաւութեան վարձքը սիրեց։ Բայց իր անօրէնութեանը յանդիմանութիւնը առաւ, երբ անխօս էշը մարդկային ձայնով խօսելով՝ մարգարէին յիմարութիւնը արգիլեց։ Ասոնք ջուր չունեցող աղբիւրներ են ու փոթորիկէն քշուած մէգեր, որոնց համար թանձր խաւարը պահուած է յաւիտեան։ Քանզի ունայնութեան հպարտ խօսքեր ընելով՝ գիջութիւններով, մարմնի ցանկութիւններով կը խաբեն զանոնք որ քիչ մը առաջ փախեր էին անոնցմէ՝ որ մոլորութեան մէջ կը պտըտին. Անոնց ազատութիւն կը խոստանան, բայց իրենք ապականութեան ծառաներ են. վասն զի ինչ բանէ որ մէկը յաղթուի, անոր ծառայ կ’ըլլայ։ Վանս զի եթէ Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին գիտութիւնովը աշխարհին պղծութիւններէն հրաժարելէ յետոյ դարձեալ այն բաներէն բռնուած յաղթուին, անոնց վերջը առաջինէն գէշ կ’ըլլայ։ Վանս զի աղէկ էր անոնց՝ որ բնաւ արդարութեան ճամբան ճանչցած չըլլային, քան թէ ճանչնալէ յետոյ ետ դառնային այն սուրբ պատուիրանքէն՝ որ իրենց յանձնուեցաւ։ Սակայն անոնց պատահեցաւ հին ճշմարիտ առակը, որ կ’ըսէ. «Շունը նորէն իր փսխածին կը դառնայ ու լուացուած խոզը՝ ցեխի մէջ թապլտկելու»։ Սիրելինե՛ր, այս երկրորդ թուղթը կը գրեմ, անով ձեր անկեղծ միտքը արթնցնելու որ յիշէք Եւ նախապէս սուրբ մարգարէներէն ըսուած խօսքերը եւ մեր՝ այսինքն Տէրոջը ու Փրկչին առաքեալներուն՝ պատուէրները մտքերնիդ բերէք։ Բայց նախ ասիկա գիտցէք, թէ վերջին օրերը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ պիտի քալեն Եւ պիտի ըսեն. «Ո՞ւր է անոր գալուն խոստումը, վասն զի թէեւ մեր հայրերը քնացան, բայց դեռ ամէն բան այնպէս կը մնայ, ինչպէս արարածներուն սկիզբն էր։ Քանզի անոնք (որոնց ուզածը այս է,) այն բանը մոռցեր են, թէ երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. Որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ։ Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքվ կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը։ Այս մէկ բանը ձեզմէ ծածուկ չմնայ, սիրե՛լիներ, թէ Տէրոջը քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս։ Տէրը չուշացներ իր խոստումը, ինչպէս ոմանք ուշացուցած կը սեպեն, հապա երկայնամիտ կ’ըլլայ. վասն զի չուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն։ Սակայն Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին։ Ուստի քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով Ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն, որուն մէջ երկինք կրակով այրուած պիտի լուծուի, տարրերը բռնկած պիտի հալին։ Սակայն իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի։ Ուստի, սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով։ Մեր Տէրոջը երկայնմտութիւնը փրկութիւն սեպեցէք ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ՝ իրեն տրուած իմաստութիւնովը գրեց ձեզի. Ինչպէս բոլոր թուղթերուն մէջ ալ այս բաներուն վրայով կը խօսի. որոնց մէջ քանի մը դժուարիմաց խօսքեր կը գտնուին, որոնք տգէտներն ու անհաւատները ծուռ կը մեկնեն, ինչպէս ուրիշ գրքեր ալ՝ իրենց անձին կորուստին համար։ Ուրեմն դուք, սիրելիներ, առաջուընէ գիտնալով զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք. Հապա աճեցէ՛ք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին շնորհքովը ու գիտութիւնովը։ Անոր փառք հիմա ու մինչեւ յաւիտեան։ Ամէն։ Կենաց բանին վրայով, որ սկիզբէն էր, որուն համար լսեցինք, որ մեր աչքերովը տեսանք, որուն նայեցանք ու մեր ձեռքերը շօշափեցին. (Եւ կեանքը յայտնուեցաւ ու տեսանք եւ կը վկայենք ու ձեզի կը պատմենք այն յաւիտենական կեանքը, որ Հօրը քով էր ու մեզի յայտնուեցաւ.) Այն որ տեսանք ու լսեցինք՝ ձեզի կը պատմենք, որպէս զի դուք ալ մեզի հաղորդակից ըլլաք։ Մեր հաղորդակցութիւնը Հօրը հետ է ու իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին հետ։ Այս բաները կը գրենք ձեզի, որպէս զի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Ասիկա է այն պատգամը որ իրմէ լսեցինք ու ձեզի կ’իմացնենք, թէ՝ Աստուած լոյս է ու անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ։ Եթէ ըսենք թէ Անոր հետ հաղորդակից ենք ու խաւարի մէջ պտըտինք, սուտ կը խօսինք եւ ճշմարտութիւնը չենք ըսեր։ Հապա եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս անիկա լոյսի մէջ է, իրարու հետ հաղորդակից կ’ըլլանք ու անոր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ։ Եթէ ըսենք թէ «Մենք մեղք մը չունինք», ինքզինքնիս կը խաբենք ու մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու։ Եթէ ըսենք թէ «Մեղք մը չգործեցինք», ստախօս կը ցուցնենք զանիկա ու անոր խօսքը մեր մէջ չէ։ Որդեակներս, այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէս զի մեղք չգործէք եւ եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս արդարը։ Անիկա մեր մեղքերուն քաւութիւն է եւ ո՛չ միայն մերիններուն, հապա բոլոր աշխարհին ալ։ Եթէ անոր պատուիրանքները պահենք, այն ատեն կը գիտնանք թէ զանիկա կը ճանչնանք։ Ան որ կ’ըսէ թէ «Ես զանիկա ճանչցայ» ու անոր պատուիրանքները չի պահեր, ստախօս է ու անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Բայց ան որ անոր խօսքը կը պահէ, իրաւցընէ անոր մէջ կատարեալ է Աստուծոյ սէրը ու ատով կը ճանչնանք թէ անոր մէջ ենք։ Ան որ կ’ըսէ թէ «Անոր մէջ կը բնակի», այնպէս պէտք է քալէ՝ ինչպէս անիկա քալեց։ Ե՛ղբայրներ, ոչ թէ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, հապա այն հին պատուիրանքը որ սկիզբէն ունէիք։ Հին պատուիրանքը այն խօսքն է, որ դուք սկիզբէն լսեցիք։ Դարձեալ նոր պատուիրանք մը կը գրեմ ձեզի, որ ճշմարիտ է անոր մէջ ու ձեր մէջ. վասն զի խաւարը կ’անցնի ու ճշմարիտ լոյսը արդէն կ’երեւնայ։ Ան որ կ’ըսէ թէ լոյսի մէջ է ու իր եղբայրը կ’ատէ, անիկա տակաւին խաւարի մէջ է։ Ան որ իր եղբայրը կը սիրէ, լոյսի մէջ կը բնակի ու իր մէջ գայթակղութիւն չկայ. Բայց ան որ իր եղբայրը կ’ատէ խաւարի մէջ է ու խաւարի մէջ կը քալէ ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ, վասն զի խաւարը անոր աչքերը կուրցուցեր է։ Կը գրեմ ձեզի, ո՛րդեակներ, վասն զի ձեր մեղքերը թողուած են անոր անուան համար։ Կը գրեմ ձեզի, հա՛յրեր, վասն զի դուք ճանչցաք զանիկա, որ սկիզբէն է։ Կը գրեմ ձեզի, երի՛տասարդներ, վասն զի դուք չարին յաղթեցիք։ Կը գրեմ ձեզի, տղա՛քներ, վասն զի դուք ճանչցաք Հայրը։ Գրեցի ձեզի, հա՛յրեր, վասն զի դուք ճանչցաք զանիկա որ սկիզբէն է։ Գրեցի ձեզի, երի՛տասարդներ, վասն զի դուք ուժով էք եւ Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը բնակի ու չարին յաղթեցիք։ Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է։ Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ։ Ո՛րդեակներ, վերջին ժամանակն է ու ինչպէս լսեցիք՝ Նեռը պիտի գայ եւ արդէն շատ նեռեր եկած են, ատկէ կ’իմանանք թէ վերջին ժամանակն է։ Մեզմէ ելան ոմանք ՝ բայց մեզմէ չէին. վասն զի եթէ մեզմէ ըլլային, մեզի հետ պիտի մնային։ Բայց մեզմէ ելան, որպէս զի յայտնի ըլլայ թէ անոնք ամէնքը մեզմէ չէին։ Սակայն դուք օծութիւն ունիք Սուրբէն ու ամէն բան գիտէք։ Չգրեցի ձեզի՝ իբր թէ ճշմարտութիւնը չէք գիտեր, հապա գիտէք զանիկա ու նաեւ թէ՝ ամէն ստութիւն ճշմարտութենէն չէ։ Ո՞վ է ստախօս, եթէ ոչ ան, որ կ’ուրանայ թէ Յիսուս Քրիստոսն է. անիկա է Նեռը որ կուրանայ Հայրն ու Որդին։ Ամէն ով որ կ’ուրանայ Որդին, անիկա Հայրն ալ չընդունիր. [ բայց ան որ կ’ընդունի Որդին, անիկա Հայրն ալ կ’ընդունի։] Ուրեմն ինչ որ դուք սկիզբէն լսեցիք, թող անիկա ձեր մէջ բնակի. եթէ այն սկիզբէն լսածնիդ ձեր մէջ բնակի, դուք ալ Որդիին ու Հօրը մէջ պիտի բնակիք։ Եւ ասիկա է այն խոստումը, որ ինք ձեզի խոստացաւ, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքը։ Այս բաները ձեզի գրեցի՝ ձեզ մոլորեցնողներուն համար, Որպէս զի այն օծութիւնը, որ դուք իրմէ ընդունեցիք՝ ձեր մէջ մնայ։ Պէտք չէ որ մէկը ձեզի սորվեցնէ. արդէն նոյն օծութիւնը ձեզի կը սորվեցնէ ամէն բան որ ճշմարիտ է ու սուտ չէ։ Ինչպէս անիկա ձեզի սորվեցուց, անոր մէջ կեցէք։ Ու հիմա, որդեա՛կներ, անոր մէջ կեցէք, որպէս զի, երբ անիկա յայտնուի, մենք համարձակութիւն ունենանք ու անկէ չամչնանք Իր գալու ատենը։ Քանի որ գիտէք թէ անիկա արդար է, ուրեմն կ’իմանաք թէ ամէն ով որ արդարութիւն կը գործէ, անկէ ծնած է։ Տեսէ՛ք, Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէս զի մենք Աստուծոյ որդիներ կոչուինք. ասոր համար աշխարհ մեզ չի ճանչնար, վասն զի զանիկա ալ չճանչցաւ։ Սի՛րելիներ, հիմա մենք Աստուծոյ որդիներն ենք եւ տակաւին յայտնի չէ թէ ի՞նչ պիտի ըլլանք. բայց գիտենք թէ երբ անիկա յայտնուի, անոր պէս պիտի ըլլանք. վասն զի զանիկա պիտի տեսնենք՝ ինչպէս որ է։ Ամէն ով որ այս յոյսը անոր վրայ ունի, ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս անիկա մաքուր է։ Ամէն ով որ մեղք կը գործէ, անիկա անօրէնութիւն ալ կը գործէ եւ բուն մեղքը անօրինութիւն է։ Եւ գիտէք թէ անիկա յայտնուեցաւ, որպէս զի մեր մեղքերը վերցնէ. բայց իր մէջ մեղք չկայ։ Ամէն ով որ անոր մէջ կը կենայ, մեղք չի գործեր. ամէն ով որ մեղք կը գործէ, զանիկա տեսած չէ ու զանիկա ճանչցած չէ։ Որդեակներ, մէկը ձեզ թող չխաբէ. ան որ արդարութիւն կը գործէ՝ արդար է, ինչպէս Անիկա արդար է։ Ան որ մեղք կը գործէ, Սատանայէն է, վասն զի Սատանան սկիզբէն ի վեր կը մեղանչէ. ասոր համար Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ։ Ամէն ով որ Աստուծմէ ծնած է, մեղք չի գործեր, վասն զի անոր սերմը իր մէջ կը մնայ ու չի կրնար մեղք գործել, քանզի Աստուծմէ ծնած է։ Ասով յայտնի են Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները։ Ամէն ով որ արդարութիւն չի գործեր, անիկա Աստուծմէ չէ եւ ան ալ՝ որ իր եղբայրը չի սիրեր։ Վասն զի ասիկա այն պատուիրանքն է որ դուք սկիզբէն լսեցիք, որ մէկզմէկ սիրենք։ Ոչ թէ Կայէնին պէս, որ չար էր ու իր եղբայրը սպաննեց։ Ինչո՞ւ համար զանիկա սպաննեց։ Անոր համար որ իր գործերը չար էին, իսկ իր եղբօրը գործերը ՝ արդար։ Մի՛ զարմանաք, եղբա՛յրներս, եթէ աշխարհ ձեզ ատէ։ Մենք գիտենք թէ մահէն կեանքի փոխուեցանք, վասն զի եղբայրները կը սիրենք. ան որ եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան մէջ կը մնայ. Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է։ Գիտէք թէ ամէն մարդասպան իր մէջ յաւիտենական կեանք չունի։ Ասով գիտցանք Քրիստոսին սէրը, որ անիկա իր կեանքը մեզի համար տուաւ. մենք ալ պարտաւոր ենք մեր եղբայրներուն համար տալ մեր կեանքը։ Բայց ան որ աշխարհին բարիքը ունի եւ իր եղբայրը բանի մը կարօտ կը տեսնէ ու իր գութը անկէ կը գոցէ, ի՞նչպէս Աստուծոյ սէրը անոր մէջ բնակած կ’ըլլայ։ Ո՛րդեակներս, ո՛չ թէ խօսքով ու լեզուով սիրենք, հապա գործով ու ճշմարտութիւնով։ Ասով կը ճանչնանք թէ ճշմարտութենէն ենք։ Մեր սրտերուն համարձակութիւնովը անոր առջեւ պիտի երեւնանք։ Եթէ մեր սրտերը մեզ մեղադրեն, մենք գիտենք թէ Աստուած մեր սրտերէն մեծ է եւ ամէն բան գիտէ։ Սի՛րելիներ, եթէ մեր սրտերը մեզ չմեղադրեն, այն ատեն համարձակութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ առջեւ կենալու։ Եւ ինչ որ խնդրենք՝ կ’առնենք անկէ, վասն զի Իր պատուիրանքները կը պահենք ու Իր առջեւ հաճելի եղած բաները կ’ընենք։ Ասիկա է անոր պատուիրանքը, որ իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին անուանը հաւատանք ու մէկզմէկ սիրենք, ինչպէս մեզի պատուիրեց։ Ան որ պատուիրանքները կը պահէ՝ անոր մէջ կը կենայ ու Աստուած ալ իր մէջ։ Աստուծոյ մեր մէջ բնակիլը կը գիտնանք Սուրբ Հոգիին միջոցով, որ մեզի տուաւ։ Սի՛րելիներ, ամէն հոգիի մի՛ հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասն զի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են։ Ասով կրնաք ճանչնալ Աստուծոյ Հոգին։ Ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած կը դաւանի, անիկա Աստուծմէ է Եւ ամէն ով որ Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չի դաւանիր, անիկա Աստուծմէ չէ ու ասիկա Նեռին հոգին է, որուն համար լսեցիք թէ պիտի գայ ու արդէն աշխարհի մէջ է։ Դուք Աստուծմէ էք, ո՛րդեակներ ու անոնց յաղթեցիք. քանզի մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է։ Անոնք աշխարհէն են, անոր համար աշխարհի վրայով կը խօսին եւ աշխարհ մտիկ կ’ընէ անոնց։ Մենք Աստուծմէ ենք։ Ան որ Աստուած կը ճանչնայ, մեզի մտիկ կ’ընէ։ Ան որ Աստուծմէ չէ, մեզի մտիկ չ’ըներ. ասով կը ճանչնանք ճշմարտութեան Հոգին ու խաբէութեան հոգին։ Սի՛րելիներ, մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է։ Ամէն ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է ու կը ճանչնայ Աստուած։ Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է։ Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու։ Սի՛րելիներ, եթէ Աստուած մեզ այսպէս սիրեց, ուրեմն մենք ալ պարտաւոր ենք մէկզմէկ սիրել։ Մէկը երբեք Աստուած տեսած չէ։ Եթէ մէկզմէկ սիրենք, Աստուած մեր մէջ պիտի բնակի ու Անոր սէրը կատարեալ պիտի ըլլայ։ Ասով գիտենք թէ մենք անոր մէջ կը բնակինք ու անիկա մեր մէջ, որ իր Հոգին մեզի տուաւ։ Մենք տեսանք ու կը վկայենք թէ Հայրը իր Որդին ղրկեց աշխարհի Փրկիչը ըլլալու։ Ով որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, Աստուած անոր մէջ կը բնակի, ան ալ՝ Աստուծոյ մէջ։ Մենք ճանչցանք ու հաւատացինք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Աստուած սէր է։ Ան, որ սիրոյ մէջ կը բնակի, Աստուծոյ մէջ կը բնակի ու Աստուած՝ անոր մէջ։ Ասով սէրը մեր վրայ կատարեալ կ’ըլլայ, որպէս զի համարձակութիւն ունենանք դատաստանին օրը, վասն զի ինչպէս է ինք, նոյնպէս ալ մենք ենք այս աշխարհի մէջ։ Սիրոյ մէջ վախ չկայ, հապա կատարեալ սէրը վախը մէկդի կը վանէ. վասն զի վախը տանջանքի ենթակայ է։ Ուստի ան որ կը վախնայ, սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։ Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց։ Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ «Ես Աստուած կը սիրեմ» ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է. քանզի ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել։ Աստուած այս պատուէրը տուած է. «Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ»։ Ամէն ով որ կը հաւատայ թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծմէ ծնած է։ Ամէն ով որ ծնողը կը սիրէ՝ անկէ ծնածն ալ կը սիրէ։ Ասով կը ճանչնանք թէ Աստուծոյ որդիները կը սիրենք, երբ Աստուած սիրենք ու անոր պատուիրանքները պահենք։ Վասն զի ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն։ Վանս զի ան որ Աստուծմէ ծնած է՝ աշխարհին կը յաղթէ։ Մեր հաւատքն է, որ աշխարհին կը յաղթէ։ Ո՞վ է որ աշխարհի կը յաղթէ, եթէ ոչ անիկա՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է։ Ասիկա է, որ եկաւ ջուրով եւ արիւնով, այսինքն Յիսուս Քրիստոս. ո՛չ միայն ջուրով, հապա ջուրով եւ արիւնով եւ Հոգին է, որ կը վկայէ, վասն զի Հոգին ճշմարտութիւն է։ Վասն զի երեք են որ երկնքի մէջ կը վկայեն, Հայրը, Բանը ու Սուրբ Հոգին եւ այս երեքը մէկ են։ Ու երեք են որ երկրի վրայ՝ ՝ կը վկայեն. Հոգին, ջուրը ու արիւնը եւ երեքը միաբան են։ Եթէ մարդոց վկայութիւնը կ’ընդունինք, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. վասն զի ասիկա է Աստուծոյ վկայութիւնը, որ իր Որդիին համար վկայեց։ Ան որ Աստուծոյ Որդիին կը հաւատայ՝ վկայութիւնը իր մէջ ունի։ Ան որ Աստուծոյ չի հաւատար՝ ստախօս կ’ընէ զանիկա, վասն զի չի հաւատար այն վկայութեանը՝ որ Աստուած իր Որդիին համար վկայեց։ Եւ վկայութիւնը այս է, որ Աստուած մեզի յաւիտենական կեանք տուաւ ու այս կեանքը անոր Որդիին մէջն է։ Ան որ Որդին ընդունած է՝ կեանք ունի եւ ան որ Աստուծոյ Որդին ընդունած չէ՝ կեանք չունի։ Այս բաները գրեցի ձեզի՝ որպէս զի գիտնաք թէ յաւիտենական կեանք ունիք դուք՝ որ Աստուծոյ Որդիին անունին կը հաւատաք ։ Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի։ Եւ եթէ գիտնանք թէ պիտի լսէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք, ուրեմն կը գիտնանք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ։ Եթէ մէկը տեսնէ որ իր եղբայրը ո՛չ մահացու մեղք մը գործեց, թող խնդրէ ու Աստուած կեանք պիտի տայ այն մահացու չեղած մեղքը գործողին։ Մեղք կայ որ մահացու է, չեմ ըսեր թէ անոր համար խնդրէ։ Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց մեղք կայ որ մահացու չէ։ Գիտենք թէ ան, որ Աստուծմէ ծնած է՝ մեղք չի գործեր։ Ա՛ն որ Աստուծմէ ծնած է՝ իր անձը կը պահէ ու չարը անոր չի դպչիր։ Գիտենք թէ մենք Աստուծմէ ենք ու բոլոր աշխարհ չարին մէջ է։ Գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու մեզի կարողութիւն տուաւ որպէս զի ճշմարիտը ճանչնանք։ Մենք այն ճշմարիտին մէջ ենք, իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին մէջ։ Անիկա է ճշմարիտ Աստուածն ու յաւիտենական կեանքը։ Ո՛րդեակներ, ինքզինքնիդ կուռքերէն պահեցէք ։ Երէցէն՝ ընտրեալ տիկնոջը ու անոր որդիներուն, որոնք ես ճշմարտութեամբ կը սիրեմ, (եւ ո՛չ միայն ես, հապա ամէնքն ալ՝ որոնք ճշմարտութիւնը կը ճանչնան,) Այն ճշմարտութեանը համար՝ որ մեր մէջ կը մնայ ու յաւիտեան մեզի հետ պիտի ըլլայ. Շնորհք, ողորմութիւն, խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն, Հօրը Որդիէն, ձեզի հետ ըլլայ ճշմարտութիւնով ու սիրով։ Շատ ուրախ եղայ ես, գտնելով որ քու որդիներէդ ոմանք ճշմարտութեամբ կը քալեն այն պատուիրանքին համեմատ՝ որ Հօրմէն առինք։ Հիմա քեզի կ’աղաչեմ, ո՛վ տիկին, նոր պատուիրանք մը չեմ գրեր քեզի, հապա զայն որ սկիզբէն ունէինք, որ մէկզմէկ սիրենք։ Սէրը այս է, որ անոր պատուիրանքներուն համեմատ քալենք ու պատուիրանքը այս է, որ ինչպէս սկիզբէն ի վեր լսեցիք, անոր համեմատ քալէք։ Վասն զի շատ մոլորեցնողներ ելան աշխարհի մէջ, որոնք Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չեն ընդունիր։ Անոնք մոլորեցնող ու Նեռ են։ Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն, որ աշխատանքնիս չկորսնցնենք, հապա որպէս զի լման վարձք առնենք։ Ամէն ով որ յանցանք կը գործէ ու Քրիստոսին վարդապետութեանը մէջ չի կենար, անիկա Աստուած չունի։ Ան որ Քրիստոսին վարդապետութեանը մէջ կը կենայ, անիկա Հայրն ալ ունի, Որդին ալ։ Եթէ մէկը ձեզի գայ ու այս վարդապետութիւնը չբերէ, զանիկա տուներնիդ մի՛ ընդունիք եւ անոր բարեւ մի՛ տաք։ Քանզի ով որ բարեւ տայ, անոր չար գործերուն հաղորդակից կ’ըլլայ։ Շատ բան ունէի ձեզի գրելու, բայց չուզեցի թղթով ու մելանով գրել. վասն զի յոյս ունիմ որ ձեզի գամ ու դէմ առ դէմ խօսիմ, որպէս զի մեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Բարեւ կ’ընեն քեզի քու ընտրեալ քրոջդ որդիները ։ Երէցէն Գայիոս սիրելիին, որ ես կը սիրեմ ճշմարտութեամբ։ Սիրելիս, աղօթք կ’ընեմ որ ամէն կողմէ յաջողիս ու առողջ ըլլաս, ինչպէս քու հոգիդ ալ յաջողութեան մէջ է։ Վասն զի շատ ուրախացայ, երբ քանի մը եղբայրներ եկան ու քու ճշմարտութեանդ մասին վկայեցին, թէ դուն ճշմարտութեամբ կը քալես։ Ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն չունիմ, երբ կը լսեմ թէ իմ որդիներս ճշմարտութեան մէջ կը քալեն։ Սիրե՛լիս դուն հաւատարմաբար կ’ընես, ինչ որ կ’ընես եղբայրներուն եւ օտարներուն, Որոնք եկեղեցիին առջեւ վկայեցին քու սիրոյդ վրայով։ Եթէ աստուածահաճոյ կերպով զանոնք ճամբայ դնես, աղէկ կ’ընես։ Վասն զի Աստուծոյ անուանը համար ճամբայ ելան ու հեթանոսներէն բան մը չեն առներ։ Ուստի մենք պարտաւոր ենք այնպիսիները ընդունիլ, որպէս զի ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք։ Եկեղեցիին գրեցի. բայց Դիոտրեփէսը, որ անոնց մէջ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, մեզ չընդունիր։ Ասոր համար եթէ գամ, անոր ըրած գործերը պիտի յիշեմ, որ մեզի դէմ շաղակրատելով չարախօսութիւն կ’ընէ։ Ասով ալ գոհ չըլլալէ զատ ո՛չ միայն ինք չընդունիր եղբայրները, այլ անոնք որ կ’ուզեն ընդունիլ ՝ կ’արգիլէ ու եկեղեցիէն ալ կը հանէ։ Սի՛րելիս, չարին նմանող մի՛ ըլլար, հապա՝ բարիին։ Ան որ բարիք կը գործէ, Աստուծմէ է. բայց ան որ չարիք կը գործէ, անիկա Աստուած տեսած չէ։ Դեմետրիոսին համար ամէնքն ալ լաւ կը վկայեն, բուն իսկ ճշմարտութիւնն ալ։ Մենք ալ կը վկայենք եւ դուք գիտէք թէ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ է։ Շատ բան ունէի գրելու, բայց չեմ ուզեր մելանով ու գրչով քեզի գրել։ Սակայն մօտերս քեզ տեսնելու յոյսը ունիմ ու դէմ առ դէմ խօսելու։ Խաղաղութիւն քեզի. բարեկամները քեզի բարեւ կ’ընեն. բարեւ ըրէ մեր բարեկամներուն՝ ամէն մէկուն անունովը։ Յուդա՝ Յիսուս Քրիստոսին ծառայ ու Յակոբոսին եղբայրը՝ ձեզի, որ Հայր Աստուծմէն սրբուած էք եւ Յիսուս Քրիստոսէն պահուած ու կանչուած. Ողորմութիւն ու խաղաղութիւն եւ սէր ձեր վրայ շատնան։ Սի՛րելիներ, բոլոր ջանքը վրաս առնելով ձեզի կը գրեմ հասարակաց փրկութեան համար, իմ անձիս պարտք սեպեցի ձեզի գրել ու յորդորել, որ մրցիք այն հաւատքին համար, որ անգամ մը սուրբերուն աւանդուեցաւ Քանզի մէկ քանի մարդիկ գաղտուկ մտան, որ առաջուընէ այս դատապարտութեանը համար որոշուած էին, ամբարիշտներ, որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձուցին եւ միակ Իշխանը ու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ուրացան։ Արդ՝ կ’ուզեմ ձեզի յիշեցնել, թէեւ գիտէք ասիկա, թէ Տէրը, որ ժողովուրդը Եգիպտոսի երկրէն ազատեց, ետքը չհաւատացողները կորսնցուց։ Եւ այն հրեշտակները, որոնք իրենց իշխանութիւնը չպահեցին, հապա իրենց բնակութիւնը ձգեցին, մշտնջենաւոր կապերով խաւարի մէջ պահեց մեծ օրուան դատաստանին համար։ Ինչպէս Սոդոմ ու Գոմոր եւ անոնց բոլորտիքը եղած քաղաքները, որոնք ասոնց նման պոռնկացան ընկերներուն մարմնին ետեւէն երթալով, մեր առջեւ օրինակ կեցեր են՝ յաւիտենական կրակին դատապարտութիւնը ընդունելով։ Նմանապէս այս ցնորածներն ալ մարմինը կը պղծեն, տէրութիւնը կ’անարգեն, մեծափառներուն դէմ կը հայհոյեն։ Բայց Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ Սատանային դէմ դնելով Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր, չհամարձակեցաւ հայհոյութեան դատապարտութիւն բերել անոր վրայ, հապա ըսաւ. «Տէրը յանդիմանէ քեզ»։ Իսկ ասոնք այն բաներուն որոնք չեն հասկնար, հայհոյութիւն կ’ընեն եւ այն բաներուն որոնք բնականաբար, անբան անասուններու պէս գիտեն, անոնց մէջ պիտի ապականին։ Վա՜յ անոնց, որոնք Կայէնին ճամբովը գացին ու Բաղաամի մոլորութեանը պէս ցանկութեամբ վարձքի ետեւէ գացին ու Կորխին հակառակութեանը պէս կորսուեցան։ Ասոնք ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ արատներ են, երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին, աներկիւղ իրենց անձը կը կերակրեն։ Անջուր ամպեր են հովերէն քշուած, պտուղնին կորսնցուցած ծառեր, բերք չունեցող, երկու անգամ մեռած, արմատէն խլուած։ Ծովու կատղած ալիքներ, որոնք իրենց անձերուն ամօթը կը փրփրցնեն. մոլորուած աստղեր, որոնց համար խաւարին մէգը պահուած է յաւիտեան։ Անոնց համար մարգարէացաւ Ենովքն ալ, որ եօթներորդն էր Ադամէն ու ըսաւ. «Ահա Տէրը իր բիւրաւոր սուրբերովը եկաւ, Ամենուն դատաստան ընելու ու բոլոր ամբարիշտները յանդիմանելու իրենց ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար եւ այն բոլոր խիստ խօսքերուն համար, որոնք ամբարիշտ մեղաւորները անոր դէմ խօսեցան»։ Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են, որոնք իրենց ցանկութիւններուն համեմատ կ’երթան եւ իրենց բերանները ամբարտաւան խօսքեր կը խօսին եւ շահու համար երեսպաշտութիւն կ’ընեն։ Բայց դո՛ւք, սի՛րելիներ, յիշեցէք այն խօսքերը, որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին առաքեալներէն նախապէս խօսուեցան, Որոնք ձեզի կ’ըսէին թէ՝ «Վերջին ժամանակը ծաղր ընողներ պիտի գան, որոնք իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններուն համեմատ պիտի երթան»։ Ասոնք ինքզինքնին զատող շնչաւորներ են, որոնք Հոգին չունին։ Բայց դո՛ւք, սի՛րելիներ, անձերնիդ շինեցէք ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ եւ Սուրբ Հոգիով աղօթեցէք, Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ողորմութեանը սպասելով՝ յաւիտենական կեանքի համար։ Եւ երկմիտներուն ողորմեցէ՛ք։ Եւ ոմանք վախով ազատեցէք՝ կրակէն յափշտակելով զանոնք, ատելով մարմնէն աղտոտուած հանդերձն ալ։ Եւ անոր՝ որ կարող է ձեզ անբիծ պահել եւ իր փառքին առջեւ անարատ կայնեցնել ցնծութիւնով, Մեր Փրկչին, միմիայն Աստուծոյ, [մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով] փառք ու մեծութիւն, զօրութիւն ու իշխանութիւն [բոլոր դարերէն առաջ,] եւ հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ։ Ամէն։ Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ եւ իր հրեշտակին ձեռքով ղրկելով՝ իր Յովհաննէս ծառային իմացուց, Որ Աստուծոյ խօսքին վկայութիւնը ըրաւ ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութիւնը՝ ինչ որ տեսաւ։ Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի ժամանակը մօտ է։ Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիոյ մէջ են, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Անկէ որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր աթոռին առջեւ են Եւ Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներէն յարութիւն առնողներէն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը. Անոր որ մեզ սիրեց ու մեզ իր արիւնովը մեր մեղքերէն լուաց Եւ մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով. անոր փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։ Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին։ Անոր վրայ կոծ պիտի ընեն երկրին բոլոր ազգերը։ Այո՛, Ամէն։ «Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան», կ’ըսէ Տէր [Աստուած], որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը։ Ես Յովհաննէս ձեր եղբայրը եւ Յիսուս Քրիստոսին նեղութեանը ու արքայութեանը եւ համբերութեանը մէջ ընկերակիցը, Պատմոս ըսուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար։ Եւ կիրակի օրը Հոգին իմ վրաս եկաւ ու ետեւէս մեծ ձայն մը լսեցի փողի ձայնի պէս, որ կ’ըսէր. « Ինչ որ կը տեսնես, գրքի մը մէջ գրէ ու ղրկէ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Եփեսոսի, Զմիւռնիայի, Պերգամոնի, Թիւատիրի, Սարդիկէի, Փիղադեղփիայի եւ Լաւոդիկիայի մէջ են»։ Եւ դարձայ այն ձայնին կողմը, տեսնելու թէ ո՞վ է ինծի խօսողը։ Երբ դարձայ՝ եօթը ոսկեղէն աշտանակներ տեսայ Եւ եօթը աշտանակներուն միջեւ՝ մէկը Որդի Մարդոյ նման՝ պճղնաւոր պատմուճան մը հագած ու կուրծքին վրայ ոսկի գօտի մը կապած։ Իր գլուխը եւ մազերը բուրդի ու ձիւնի պէս ճերմակ էին եւ իր աչքերը՝ կրակի բոցի պէս։ Իր ոտքերը՝ ոսկեպղինձի նման, որպէս թէ հնոցի մէջ կրակ դարձած ու իր ձայնը՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս Եւ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունէր ու իր բերնէն սրած երկբերան սուր մը կ’ելլէր եւ իր երեսը արեւու պէս էր՝ որ իր զօրութիւնովը կը փայլի։ Երբ տեսայ զանիկա, իր ոտքը ինկայ մեռելի պէս ու իր աջ ձեռքը իմ վրաս դրաւ ու ըսաւ ինծի. «Մի՛ վախնար. ես եմ Առաջինը ու Վերջինը։ Ես կենդանի եմ ու ես ա՛ն եմ որ մեռայ եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ես ունիմ մահուան ու դժոխքին բանալիները։ [Ուստի] գրէ ինչ որ կը տեսնես, զայն որ կայ ու զայն որ ետքը պիտի ըլլայ. Եօթը աստղերուն խորհուրդը՝ որ իմ աջ ձեռքիս մէջ տեսար եւ եօթը ոսկեղէն աշտանակները. այն եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են եւ եօթը աշտանակները եօթը եկեղեցիներն են»։ Եփեսոսի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղերը ունի ու եօթը ոսկեղէն աշտանակներուն միջեւ կը պտըտի. Գիտեմ քու գործերդ եւ քու աշխատութիւնդ ու քու համբերութիւնդ եւ որ չարերուն չես կրնար տանիլ ու փորձեցիր զանոնք որ կ’ըսեն թէ իրենք առաքեալ են ու չեն եւ գտար թէ ստախօս են։ Համբերութիւն ունենալով՝ նեղութիւն կրեցիր իմ անուանս համար՝ ՝ ու չթուլցար։ Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ։ Քու առաջուան սէրդ ձգեցիր։ Միտքդ բեր հիմա ուրկէ որ ինկար ու ապաշխարէ եւ քու առաջուան գործերդ ըրէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու քու աշտանակդ իր տեղէն պիտի շարժեմ՝ եթէ չապաշխարես։ Բայց ասիկա ունիս որ Նիկողայոսեաններուն գործերը կ’ատես, որոնք ես ալ կ’ատեմ։ «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն. ‘Ան որ կը յաղթէ, անոր ուտել պիտի տամ կենաց ծառէն՝ որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է’»։ Եւ Զմիւռնիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Առաջինը ու Վերջինը, որ մեռաւ ու կենդանացաւ. Գիտեմ քու գործերդ ու նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ, (բայց հարուստ ես,) ու անոնց հայհոյութիւնը՝ որ կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են, բայց չեն հապա Սատանայի ժողովուրդ։ Բնաւ մի՛ վախնար այն բաներէն որոնք պիտի կրես. ահա Բանսարկուն ձեզմէ մէկ քանիները բանտը պիտի ձգէ, որպէս զի փորձուիք եւ տասը օր նեղութիւն պիտի ունենաք։ Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ։ ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’։ ‘Ան որ կը յաղթէ, երկրորդ մահէն պիտի չվնասուի’»։ Պերգամոնի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա, որ սրած երկբերան սուրը ունի. Գիտեմ քու գործերդ եւ թէ ո՞ւր կը բնակիս, այսինքն Սատանային աթոռին եղած տեղը ու իմ անունս կը պահես եւ իմ հաւատքս չուրացար այն օրերն անգամ՝ երբ Անթիպաս՝ իմ հաւատարիմ վկաս՝ սպաննուեցաւ ձեր մէջ, ուր Սատանան կը բնակի։ Բայց քեզի դէմ քիչ մը բան ունիմ, որ հոդ Բաղաամին վարդապետութեանը հետեւողներ կան, որ Բաղակին սորվեցուց Իսրայէլի որդիներուն առջեւ գայթակղութիւն դնել, որպէս զի անոնք կուռքերու զոհուածներ ուտեն ու պոռնկութիւն ընեն։ Ասկէ զատ դուն Նիկողայոսեաններուն վարդապետութեան հետեւողներ ունիս, որը ես կ’ատեմ։ [Ուստի] ապաշխարէ. եթէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ քեզի ու իմ բերնիս սրովը պիտի պատերազմիմ անոնց հետ։ ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’. ‘Ով որ կը յաղթէ, պահուած մանանայէն ուտել պիտի տամ անոր ու ճերմակ խիճ մը պիտի տամ անոր եւ այն խիճին վրայ նոր անուն մը գրուած, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ան՝ որ կ’ընդունի’»։ Եւ Թիւատիրի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Աստուծոյ Որդին, որ կրակի բոցի պէս աչքեր ունի ու իր ոտքերը ոսկեպղնձի նման են. Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են։ Բայց քեզի դէմ բան մը՝ ՝ ունիմ, որ կը թուլատրես Յեզաբէլ կնոջ, որ ինքզինք մարգարէուհի անուանէ ու իմ ծառաներս մոլորեցնելով՝ սորվեցնէ պոռնկութիւն ընել եւ կուռքերու զոհուածներ ուտել։ Ես անոր ժամանակ տուի իր պոռնկութեանը համար ապաշխարելու, բայց չապաշխարեց։ Ահա ես զանիկա անկողին պիտի ձգեմ ու անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ նեղութեան մէջ, եթէ իրենց գործերուն համար չապաշխարեն։ Անոր զաւակները պիտի մեռցնեմ ու բոլոր եկեղեցիները պիտի գիտնան թէ ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ։ Ձեզի՛ կ’ըսեմ՝ միւսներուդ՝ որ Թիւատիրի մէջ էք բայց այս վարդապետութիւնը չունիք, որ չճանչցաք Սատանային ծածուկ բաները, (ինչպէս կ’ըսեն,) Ձեր վրայ ուրիշ ծանրութիւն չեմ ձգեր. Հապա զայն որ ունիք՝ պահեցէք մինչեւ ես գամ։ Եւ ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ, (Եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին.) Ինչպէս ես ալ իմ Հօրմէս առի ու անոր պիտի տամ առաւօտեան աստղը։ ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։ Սարդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ անիկա որ ունի Աստուծոյ եօթը Հոգիները ու եօթը աստղերը. ‘Գիտեմ քու գործերդ՝ որ դուն անուն ունիս թէ կենդանի ես, բայց մեռած ես։ Արթո՛ւն կեցիր եւ հաստատէ՛ մնացած բաները, որոնք մեռնելու վրայ են, վասն զի քու գործերդ Աստուծոյ առջեւ կատարեալ չգտայ։ Հիմա միտքդ բեր թէ ի՛նչպէս ընդունեցիր ու լսեցիր ու պահէ՛ եւ ապաշխարէ՛. բայց եթէ արթննալու չըլլաս, գողի պէս քու վրադ պիտի գամ ու բնաւ պիտի չգիտնաս թէ ո՞ր ժամուն քու վրադ պիտի գամ։ Սակայն քանի մը անձեր ունիս Սարդիկէի մէջ, որոնք իրենց հանդերձները չաղտոտեցին եւ ճերմակներով պիտի պտըտին ինծի հետ, քանզի արժանի են։ Ան որ կը յաղթէ՝ ճերմակներ պիտի հագնի ու ես անոր անունը կենաց գրքէն պիտի չաւրեմ եւ անոր անունը պիտի դաւանիմ իմ Հօրս առջեւ ու անոր հրեշտակներուն առջեւ։ ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։ Եւ Ֆիլատելֆիայի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ այն Սուրբը, այն Ճշմարիտը որ Դաւիթին բանալին ունի, որ կը բանայ ու մէ՛կը չկայ որ գոցէ եւ կը գոցէ ու մէ՛կը չկայ որ բանայ. Գիտեմ քու գործերդ։ Ահա քու առջեւդ բացուած դուռ մը դրի, որ մէ՛կը չի կրնար գոցել. վասն զի դուն քիչ մը կարողութիւն ունիս եւ իմ խօսքս պահեցիր ու իմ անունս չուրացար։ Ահա ես քեզի կու տամ Սատանային ժողովէն եղողները, որոնք կ’ըսեն թէ իրենք Հրեայ են ու չեն, հապա սուտ կ’ըսեն։ Պիտի ստիպեմ զանոնք որ գան ու երկրպագութիւն ընեն քու ոտքերուդ առջեւ եւ գիտնան թէ ես քեզ սիրեցի։ Որովհետեւ իմ համբերութեան խօսքս պահեցիր, ես ալ քեզ պիտի պահեմ փորձութեան ժամանակ, որ պատրաստ է գալու բոլոր աշխարհի վրայ՝ երկրի երեսը բնակողները փորձելու համար։ Ահա ես շուտով պիտի գամ։ Ունեցածդ ամուր բռնէ, որպէս զի մէ՛կը չառնէ քու պսակդ։ Ան որ կը յաղթէ, զանիկա իմ Աստուծոյս տաճարին մէջ սիւն մը պիտի ընեմ ու ալ դուրս պիտի չելլէ։ Անոր վրայ իմ Աստուծոյս անունը պիտի գրեմ ու իմ Աստուծոյս քաղաքին անունը, այսինքն նոր Երուսաղէմին, որ երկնքէն իմ Աստուծմէս կ’իջնէ եւ իմ նոր անունս. ‘Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։ Եւ Լաւոդիկէի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. «Այսպէս կ’ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ արարածներուն Սկիզբը. Գիտեմ քու գործերդ, որ ո՛չ պաղ ես ու ո՛չ տաք. երանի՜ թէ պաղ ըլլայիր կամ տաք։ Ուստի դուն որ գաղջ ես ու ո՛չ տաք՝ ո՛չ ալ պաղ, քեզ բերնէս դուրս փսխելու վրայ եմ։ Քանզի կ’ըսես. ‘Ես հարուստ եմ ու մեծցայ եւ բանի մը կարօտ չեմ’։ Բայց չես գիտեր թէ դուն խեղճ ու թշուառական ես եւ աղքատ ու կոյր ու մերկ։ Ես քեզի խորհուրդ կու տամ. Ինծմէ կրակի մէջ փորձուած ոսկի ծախու առ, որպէս զի հարստանաս ու ճերմակ հանդերձներ՝ որպէս զի հագնիս, որպէս զի քու ամօթալի մերկութիւնդ չերեւնայ եւ աչքերուդ դեղ դիր, որպէս զի տեսնես։ Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛։ Ահա ես դուռը կայներ եմ ու կը զարնեմ. եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ ու դուռը բանայ, անոր քով պիտի մտնեմ եւ անոր հետ ընթրիք պիտի ընեմ, ան ալ ինծի հետ։ Ան որ կը յաղթէ, ինծի հետ իմ աթոռս պիտի նստի, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ անոր աթոռը նստայ։ Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն’»։ Այս բաներէն ետքը տեսայ, թէ երկնքի մէջ բացուած դուռ մը կար։ Առաջին ձայնը որ լսեցի՝ փողի նման էր, որ ինծի հետ կը խօսէր ու կ’ըսէր. «Հոս ելիր ու ասկէ ետքը ըլլալու բաները քեզի ցուցնեմ»։ Եւ շուտ մը Հոգին իմ վրաս եկաւ։ Տեսայ թէ աթոռ մը դրուած էր երկնքի մէջ։ Աթոռին վրայ մէկը նստեր էր։ Նստողը յասպիս ու սարդիոն քարերու երեւոյթին նման էր։ Աթոռին շուրջը քահանաներ՝ զմրուխտի երեւոյթով եւ այդ աթոռին բոլորտիքը քսանըչորս աթոռներ եւ այն աթոռներուն վրայ քսանըչորս երէցներ նստեր էին՝ ՝ ճերմակ հանդերձներ հագած ու գլուխնին ոսկիէ պսակներ ունէին ։ Աթոռէն փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ կ’ելլէին։ Աթոռին առջեւ եօթը հատ բորբոքած կրակի լամբարներ կային, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն էին։ Աթոռին առջեւ ապակեղէն ծով մը՝ ակնվանիի նման եւ աթոռին մէջ ու աթոռին բոլորտիքը՝ չորս կենդանիներ, որոնք աչքերով լեցուն էին առջեւէն ու ետեւէն։ Առաջին կենդանին առիւծի նման էր ու երկրորդ կենդանին՝ զուարակի նման եւ երրորդ կենդանին՝ մարդու երես ունէր ու չորրորդ կենդանին՝ թռչող արծիւի նման։ Չորս կենդանիներէն իւրաքանչիւրը շուրջանակի վեց վեց թեւ ունէր ու ներսէն աչքերով լեցուն ու չէին հանգչեր ո՛չ ցորեկը ո՛չ ալ գիշերը՝ ըսելով. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ, որ էր եւ որ է եւ որ պիտի գայ»։ Երբ այն կենդանիները փառք ու պատիւ եւ գոհութիւն կու տային աթոռին վրայ նստողին, որ կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից, Քսանըչորս երէցները աթոռին առջեւ կ’իյնային ու երկրպագութիւն կ’ընէին յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին։ Իրենց պսակները աթոռին առջեւ կը ձգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ Աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքը գիրք մը տեսայ՝ ներսէն ու դուրսէն գրուած եւ եօթը կնիքով կնքուած։ Զօրաւոր հրեշտակ մը տեսայ, որ մեծ ձանով կը կանչէր. «Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու եւ ատոր կնիքները քակելու»։ Բայց ո՛չ երկնքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ ու ո՛չ երկրի տակ գտնուեցաւ մէկը՝ որ կարող ըլլար այն գիրքը բանալ, ո՛չ ալ անոր նայիլ։ Ես ալ սաստիկ կու լայի՝ քանի որ մէ՛կը արժանի չգտնուեցաւ այն գիրքը բանալու ո՛չ ալ անոր նայելու։ Ու երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Մի՛ լար, ահա Յուդային ցեղէն եղող Առիւծը, Դաւիթին Արմատը, յաղթեց եւ որ այն գիրքը պիտի բանայ ու անոր եօթը կնիքները պիտի քակէ։ Տեսայ թէ աթոռին ու չորս կենդանիներուն մէջտեղ եւ երէցներուն մէջտեղ կայնած Գառնուկ մը կար, որպէս թէ մորթուած, որ եօթը եղջիւր ու եօթը աչք ունէր, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են, որ բոլոր երկիր կը ղրկուին։ Անիկա եկաւ ու աթոռին վրայ նստողին աջ ձեռքէն գիրքը առաւ։ Երբ գիրքը առաւ, չորս կենդանիներն ու քսանըչորս երէցները Գառնուկին առջեւ ինկան եւ ամէնքն ալ քնարներ ունէին ու ոսկիէ խնկամաններ՝ խունկով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են։ Նոր երգ մը կ’երգէին՝ ըսելով. «Արժանի ես դուն այդ գիրքը առնելու եւ ատոր կնիքները քակելու. վասն զի մորթուեցար ու քու արիւնովդ մեզ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ Եւ մեզ մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր որպէս զի երկրի վրայ թագաւորենք»։ Եւ նայեցայ՝ նաեւ շատ հրեշտակներու ձայն լսեցի, որոնք աթոռին ու կենդանիներուն եւ երէցներուն բոլորտիքն էին ու անոնց թիւն էր բիւր բիւրաւոր եւ հազար հազարաւոր. Որոնք մեծ ձայնով կ’ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու»։ Բոլոր արարածները, որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ ու երկրի տակ եւ ծովու մէջ ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կային՝ լսեցի որ կ’ըսէին. «Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից»։ Եւ չորս կենդանիները կ’ըսէին. «Ամէն» ու երէցները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին ։ Ապա տեսայ, երբ Գառնուկը կնիքներէն մէկը՝ ՝ քակեց, չորս կենդանիներէն մէկէն որտումի ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ Ու տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ հեծնողը աղեղ մը ունէր։ Պսակ մը տրուեցաւ անոր։ Անիկա յաղթող էր ու յաղթելու գնաց։ Ու երբ երկրորդ կնիքը քակեց, երկրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. « Եկուր»։ Ուրիշ ձի մը ելաւ շառագոյն ու անոր վրայ հեծնողին իշխանութիւն տրուեցաւ որ երկրէն խաղաղութիւնը վերցնէ, որպէս զի իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ։ Երբ երրորդ կնիքը քակեց, երրորդ կենդանիէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ Տեսայ սեւ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը ձեռքը կշիռ մը ունէր։ Չորս կենդանիներուն մէջէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Կապիճ մը ցորենը մէկ դահեկանի ու երեք կապիճ գարին մէկ դահեկանի։ Ձէթին ու գինիին մի՛ վնասեր»։ Երբ չորրորդ կնիքը քակեց, չորրորդ կենդանիէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Եկուր ու տես»։ Տեսայ դեղին ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողին անունը Մահ էր եւ Դժոխքը անոր ետեւէն կ’երթար ու անոնց իշխանութիւն տրուեցաւ երկրին չորրորդ մասին վրայ, որ սրով ու սովով եւ մահով ու երկրի գազաններով սատկեցնեն։ Երբ հինգերորդ կնիքը քակեց, սեղանին տակ տեսայ այն մարդոց հոգիները, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին համար ու անոր վկայութեանը համար՝ որ իրենք տուած էին։ Եւ մեծ ձայնով աղաղակեցին. «Ո՛վ սուրբ ու ճշմարիտ Տէ՛ր, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես եւ մեր արեան վրէժը չլուծես երկրի բնակիչներէն։ Ճերմակ հանդերձներ տրուեցան անոնց ու ըսուեցաւ անոնց, որ քիչ մը ատեն ալ հանգչին, մինչեւ անոնց ծառայակիցներն ու անոնց եղբայրները լման ըլլան՝ որոնք իրենց պէս պիտի սպաննուէին։ Տեսայ, երբ վեցերորդ կնիքը քակեց, մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, արեւը սեւցաւ մազեղէն քուրձի մը պէս, լուսինը [բոլորովին] արիւնի պէս եղաւ Ու երկնքի աստղերը գետինը թափթփեցան, ինչպէս սաստիկ հովէն շարժուած թզենին իր տհաս պտուղները կը թափէ Եւ երկինք գալարուող տոմսի մը պէս կը քաշուէր ու բոլոր լեռները եւ կղզիները իրենց տեղերէն շարժեցան։ Երկրին թագաւորները եւ մեծամեծներն ու հարուստները, հազարապետները եւ զօրաւորներն ու բոլոր ծառաներն ու բոլոր ազատները քարայրներու եւ լեռներու ապառաժներուն մէջ պահուըտեցան Եւ լեռներուն ու ապառաժներուն կ’ըսէին. «Մեր վրա՛յ ինկէք ու մեզ ծածկեցէ՛ք անոր երեսէն՝ որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին բարկութենէն։ Վասն զի անոր բարկութեանը մեծ օրը եկաւ եւ ո՞վ կրնայ դիմանալ»։ Անկէ յետոյ տեսայ չորս հրեշտակներ, որոնք երկրին չորս անկիւնը կեցեր էին ու երկրին չորս հովերը բռներ էին, որպէս զի երկրի վրայ հով չփչէ, ո՛չ ծովու վրայ, ո՛չ ալ ծառի մը վրայ։ Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ արեւելքէն եկաւ ու Կենդանի Աստուծոյ կնիքը ունէր եւ մեծ ձայնով աղաղակեց այն չորս հրեշտակներուն, որոնց իշխանութիւն տրուած էր երկրին ու ծովուն վնասելու Ու ըսաւ. «Երկրին վնաս մի՛ ընէք, ո՛չ ծովուն, ո՛չ ալ ծառերուն, մինչեւ մեր Աստուծոյն ծառաներուն ճակատները կնքենք»։ Կնքուածներուն համրանքը լսեցի՝ որ էր հարիւր քառասունըչորս հազար՝ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ցեղերէն։ Յուդային ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ռուբէնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Գադին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ասերին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Նեփթաղիմին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Մանասէին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Շմաւոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Ղեւիին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Իսաքարին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Զաբուղոնին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Յովսէփին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած, Բենիամինին ցեղէն տասներկու հազար կնքուած։ Անկէ ետքը տեսայ մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել, բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն, որոնք աթոռին առջեւ ու Գառնուկին առջեւ կեցեր էին՝ ճերմակ հանդերձները հագած եւ ձեռքերնին արմաւենիներ բռնած Եւ մեծաձայն կ’աղաղակէին՝ ըսելով. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին»։ Եւ բոլոր հրեշտակները, որ աթոռին ու երէցներուն եւ չորս կենդանիներուն բոլորտիքը կեցեր էին, իրենց երեսներուն վրայ աթոռին առջեւ ինկան ու Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին, Ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն»։ Ու երէցներէն մէկը ինծի ըսաւ. «Ասոնք որ ճերմակ հանդերձներ հագած են՝ ո՞վ են եւ ո՞ւրկէ եկան»։ Ես ալ ըսի անոր. «Տէ՛ր իմ, դուն գիտես»։ Ըսաւ ինծի. «Ասոնք են մեծ նեղութենէն եկողները, որոնք իրենց հանդերձները լուացին ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցին. Անոր համար Աստուծոյ աթոռին առջեւ են եւ իրեն կը ծառայեն ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ եւ աթոռին վրայ նստողը իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ։ Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին, ո՛չ ալ արեւը կամ տաքութիւն մը անոնց վրայ պիտի իյնայ. Վասն զի Գառնուկը, որ աթոռին մէջ է, պիտի հովուէ զանոնք ու դէպի կենդանի ջուրերու աղբիւրները պիտի առաջնորդէ զանոնք եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»։ Երբ եօթներորդ կնիքը քակեց, լռութիւն մը տիրեց երկինքը՝ կէս ժամու չափ։ Տեսայ այն եօթը հրեշտակները, որոնք Աստուծոյ առջեւ կը կայնէին։ Անոնց եօթը փող տրուեցաւ։ Ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ սեղանին առջեւ կայնեցաւ։ Ոսկեղէն խնկանոց մը ունէր։ Իրեն շատ խունկ տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր սուրբերուն աղօթքներուն հետ աթոռին առջեւ եղող ոսկի սեղանին վրայ մատուցանէ։ Խունկերուն ծուխը սուրբերուն աղօթքներուն հետ հրեշտակին ձեռքէն Աստուծոյ առջեւ ելաւ։ Հրեշտակը առաւ խնկանոցը ու անոր մէջ սեղանին կրակէն լեցուց եւ ձգեց երկրին վրայ։ Ձայներ եւ որոտումներ ու փայլակներ ու երկրաշարժ եղան։ Եօթը հրեշտակները, որոնք եօթը փողեր ունէին, պատրաստուեցան որ հնչեցնեն։ Առաջին հրեշտակը փողը հնչեցուց ու եղաւ կարկուտ ու կրակ արիւնով խառնուած ու երկրի վրայ ձգուեցաւ, [ու երկրին երրորդ մասը այրեցաւ,] եւ ծառերուն երրորդ մասն ալ այրեցաւ ու բոլոր կանանչ խոտերը այրեցան։ Երկրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց եւ բան մը, որպէս մեծ լեռ մը՝ կրակով բռնկած՝ ծովը ձգուեցաւ։ Ծովուն երրորդ մասը արիւն եղաւ Եւ ծովուն մէջի շնչաւոր արարածներուն երրորդ մասը մեռաւ ու նաւերուն երրորդ մասը ընկղմեցաւ։ Երրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքէն մեծ աստղ մը՝ լամբարի պէս բորբոքած՝ գետերուն ու ջուրի աղբիւրներուն երրորդ մասին վրայ ինկաւ։ Այն աստղին անունը Օշինդր էր ու ջուրերուն երրորդ մասը օշինդր եղաւ եւ շատ մարդիկ ջուրերէն մեռան, քանզի դառն էին։ Չորրորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու արեւին երրորդ մասը եւ լուսնին երրորդ մասը ու աստղերուն երրորդ մասը զարնուեցան, այնպէս որ անոնց երրորդ մասը խաւարեցաւ եւ օրուան երրորդ մասը լոյս չտուաւ, նոյնպէս ալ՝ գիշերուանը։ Նայեցայ ու երկնքի մէջ թռչող հրեշտակի մը ձայնը լսեցի, որ մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ երկրի վրայ բնակողներուն՝ այն մնացած փողի ձայներուն համար, որոնք երեք հրեշտակները պիտի հնչեցնեն»։ Հինգերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու տեսայ որ երկնքէն աստղ մը ինկաւ երկրի վրայ։ Անդունդի գուբին բանալին անոր տրուեցաւ։ Ան ալ անդունդին գուբը բացաւ ու այն գուբէն ծուխ կ’ելլէր մեծ հնոցի մը ծուխին պէս ու խաւարեցան արեւն ու օդը՝ գուբին ծուխէն։ Ծուխէն մարախներ կ’ելլէին երկրի վրայ։ Անոնց զօրութիւն տրուեցաւ երկրի կարիճներուն ունեցած զօրութեանը պէս։ Անոնց ըսուեցաւ որ չվնասեն երկրի խոտին, ո՛չ ալ կանանչեղէնի մը եւ ո՛չ ծառի մը, հապա միայն ա՛յն մարդոց, որոնք իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին։ Անոնց հրաման տրուեցաւ, որ չսպաննեն զանոնք, հապա չարչարեն զանոնք հինգ ամիս ու անոնց տուած չարչարանքը կարիճի տուած չարչարանքին պէս էր՝ երբ մարդը կը խայթէ։ Այն օրերը մարդիկ մահը պիտի փնտռեն ու պիտի չգտնեն։ Պիտի ուզեն մեռնիլ, բայց մահը անոնցմէ պիտի փախչի։ Մարախներուն նմանութիւնը՝ պատերազմի պատրաստուած ձիերու պէս ու անոնց գլուխներուն վրայ ոսկեղէն պսակներու պէս եւ անոնց երեսները մարդոց երեսներու պէս էին Ու անոնք մազեր ունէին կիներու մազերուն պէս ու անոնց ակռաները առիւծներու ակռաներուն պէս էին։ Զրահներ ունէին երկաթէ զրահներու պէս։ Անոնց թեւերուն ձայնը պատերազմի գացող շատ ձիեր լծուած կառքերու ձայնին պէս էր։ Կարիճներու նման պոչեր ունէին ու պոչերուն վրայ խայթոց։ Իշխանութիւն ունէին հինգ ամիս մարդոց վնասելու։ Իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը Եբրայեցերէն Աբադոն եւ Յունարէն՝ Ապողղիոն։ Մէկ վայը անցաւ. ասկէ յետոյ ահա երկու վայեր ալ պիտի գան։ Վեցերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու ձայն մը լսեցի Աստուծոյ առջեւ եղող ոսկի սեղանին չորս եղջիւրներէն, Որ կ’ըսէր վեցերորդ հրեշտակին, որ փողը ունէր. «Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակները արձակէ»։ Այն չորս հրեշտակները արձակուեցան, որ պատրաստուած էին ժամուան ու օրուան եւ ամսուան ու տարուան համար, որպէս զի մարդոց երրորդ մասը մեռցնեն։ Ձիաւոր զօրքերուն համրանքը երկու բիւր բիւրաւոր էր։ Ես իմացայ անոնց համրանքը։ Տեսիլքին մէջ տեսայ ձիերը ու անոնց վրայ հեծնողները՝ որոնք ունէին հրեղէն ու յակնթեղէն եւ ծծմբեղէն զրահներ։ Ձիերուն գլուխները առիւծներու գլուխներու պէս էին. անոնց բերնէն կրակ ու ծուխ եւ ծծումբ կ’ելլէր։ Այս երեք [հարուած]ներէն մարդոց երրորդ մասը մեռաւ, այսինքն կրակէն ու ծուխէն ու ծծումբէն, որոնք անոնց բերնէն կ’ելլէին։ Վասն զի անոնց զօրութիւնը իրենց բերաններուն ու պոչերուն մէջ էր, քանզի անոնց պոչերը օձերու նման էին ու գլուխներ ունէին որոնցմով կը վնասէին։ Մնացեալ մարդիկը, որոնք այս հարուածներէն չսպաննուեցան, չապաշխարեցին ու իրենց ձեռքերուն գործերէն ետ չմնացին, որ երկրպագութիւն չընեն դեւերուն ու ոսկիէ եւ արծաթէ ու պղինձէ եւ քարէ ու փայտէ շինուած կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ ալ լսել ու ո՛չ քալել. Նաեւ չապաշխարեցին իրենց մարդասպանութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց կախարդութիւններէն, ո՛չ ալ իրենց պոռնկութենէն եւ ո՛չ իրենց գողութիւններէն։ Տեսայ ուրիշ զօրաւոր հրեշտակ մը, որ երկնքէն կ’իջնէր։ Ամպ հագած էր եւ իր գլխուն վրայ ծիածան կար։ Իր երեսը արեւի պէս էր եւ իր ոտքերը՝ կրակի սիւներու պէս։ Իր ձեռքը գրքոյկ մը ունէր բացուած։ Իր աջ ոտքը ծովուն վրայ դրաւ եւ ձախը՝ ցամաքին վրայ Եւ մեծ ձայնով աղաղակեց առիւծի մը մռնչիւնին պէս։ Երբ աղաղակեց, եօթը որոտումները իրենց ձայներովը խօսեցան Երբ եօթը որոտումները խօսեցան, ես պիտի գրէի, բայց երկնքէն ձայն մը լսեցի որ կ’ըսէր. «Կնքէ այն բաները որոնք եօթը որոտումները խօսեցան ու զանոնք մի՛ գրեր»։ Այն հրեշտակը որ ծովուն վրայ ու ցամաքին վրայ կայնած տեսայ, իր [աջ] ձեռքը երկինք վերցուց Ու երդում ըրաւ յաւիտեանս յաւիտենից Կենդանի եղողին վրայ, որ ստեղծեց երկինքը ու ինչ որ անոր մէջ է ու երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է եւ ծովը ու ինչ որ անոր մէջ է, թէ՝ ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ. Հապա եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը՝ երբ փողը հնչեցնէ, Աստուծոյ խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս իր ծառաներուն, մարգարէներուն ծանուցանեց։ Այն ձայնը, որ երկնքէն լսեցի, նորէն խօսեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքն է»։ Ես ալ հրեշտակին գացի ու ըսի անոր. «Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը»։ Ան ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ասիկա ու կե՛ր եւ քու փորիդ մէջ դառնութիւն պիտի պատճառէ, բայց բերնիդ մէջ մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ»։ Եւ գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն առի ու կերայ զանիկա։ Բերնիս մէջ մեղրի պէս անոյշ էր եւ ուտելէս ետքը փորիս մէջ դառնութիւն զգացի։ Ան ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն նորէն մարգարէութիւն ընես շատ ժողովուրդներու եւ ազգերու ու լեզուներու եւ թագաւորներու վրայով»։ Ինծի եղէգ մը տրուեցաւ գաւազանի պէս։ Հրեշտակը կայներ էր ու կ’ըսէր. «Ելի՛ր ու չափէ՛ Աստուծոյ տաճարն ու սեղանը եւ անոր մէջ երկրպագութիւն ընողները։ Բայց գաւիթը, որ տաճարէն դուրս է, ձգէ՛ եւ մի՛ չափեր, վասն զի անիկա հեթանոսներուն տրուած է ու անոնք սուրբ քաղաքը պիտի կոխկռտեն քառասունըերկու ամիս։ Ես իմ երկու վկաներուս զօրութիւն պիտի տամ եւ անոնք քուրձ հագած հազար երկու հարիւր վաթսուն օր մարգարէութիւն պիտի ընեն։ Ասոնք այն երկու ձիթենիներն ու երկու աշտանակներն են, որոնք երկրին Տէրոջը առջեւ կը կենան։ Եւ եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, անոնց բերաններէն կրակ պիտի ելլէ ու իրենց թշնամիները ուտէ։ Եթէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, պիտի սպաննուի։ Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէս զի իրենց մարգարէութեան օրերը անձրեւ չգայ ու ջուրերուն վրայ իշխանութիւն ունին՝ զանոնք արիւն դարձնելու եւ ամէն կերպ պատուհասներով երկիրը զարնելու՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն։ Երբ իրենց վկայութիւնը կատարեն, այն ատեն անդունդէն ելլող գազանը անոնց հետ պատերազմ պիտի ընէ, անոնց պիտի յաղթէ ու պիտի սպաննէ զանոնք։ Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան այն մեծ քաղաքին հրապարակին մէջ, որ հոգեւորապէս կը կոչուի Սոդոմ ու Եգիպտոս, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ։ Եւ ժողովուրդներն ու ցեղերը եւ լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները երեք ու կէս օր ու պիտի չթողուն որ անոնց դիակները գերեզմաններու մէջ թաղեն։ Անոնք որ երկրի վրայ կը բնակին, պիտի ուրախանան ու խնդան անոնց վրայ, մինչեւ անգամ իրարու ընծաներ պիտի ղրկեն. վասն զի այս երկու մարգարէները երկրի բնակիչները չարչարած էին։ Երեք ու կէս օր ետքը Աստուծմէ կենդանութեան հոգի մտաւ անոնց մէջ ու իրենց ոտքերուն վրայ կայնեցան եւ զանոնք տեսնողներուն վրայ մեծ վախ ինկաւ։ Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցին, որ կ’ըսէր անոնց. «Վե՛ր ելէք, հո՛ս եկէք »։ Եւ անոնք ամպով երկինք բարձրացան։ Անոնց թշնամիներն ալ զանոնք տեսան։ Նոյն ժամուն մեծ երկրաշարժ մը եղաւ ու քաղաքին տասներորդ մասը կործանեցաւ, եօթը հազար մարդիկ մեռան ու մնացածները վախով լեցուեցան ու փառք տուին երկնքի Աստուծոյն։ Երկրորդ վայը անցաւ։ Երրորդ վայը շուտով պիտի գայ։ Եօթներորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց ու երկնքի մէջ մեծ ձայներ եղան, որ կ’ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Քսանըչորս երէցները, որոնք իրենց աթոռներուն վրայ նստած էին Աստուծոյ առջեւ, իրենց երեսներուն վրայ ինկան եւ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրին՝ ըսելով. «Քեզի գոհութիւն կը մատուցանենք, Ամենակալ Տէր Աստուած, որ ե՛ս եւ որ էիր, որ քու մեծ զօրութիւնդ առիր ու թագաւորեցիր։ Եւ ազգերը բարկացան, վասն զի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ, երբ պիտի դատես մեռելները, պիտի վարձատրես քու ծառաներդ, մարգարէներդ, սուրբերդ եւ քու անունէդ վախցողները, մեծերն ու պզտիկները եւ պիտի ապականես երկիրը ապականողները»։ Երկնքի մէջ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ եւ անոր ուխտին տապանակը իր տաճարին մէջ երեւցաւ ու եղան փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ ու երկրաշարժ եւ խոշոր կարկուտ։ Երկնքի մէջ մեծ նշան մը երեւցաւ։ Կին մը արեւը հագած էր ու լուսինը ձգած իր ոտքերուն տակ եւ իր գլխուն վրայ տասներկու աստղէ պսակ մը։ Ան յղի էր ու երկունքի մէջ ըլլալով ծնանելու համար շատ նեղութիւն քաշելով՝ կը պոռար։ Երկնքի մէջ ուրիշ նշան մը երեւցաւ եւ ահա մեծ շառագոյն վիշապ մը, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ եօթը թագ։ Անոր պոչը երկնքի աստղերուն երրորդ մասը կը քաշէր ու զանոնք երկրի վրայ ձգեց եւ վիշապը կեցաւ այն կնոջ առջեւ, որ ծնանելու վրայ էր, որպէս զի երբ ծնանի, անոր զաւակը կլլէ։ Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէր բոլոր ազգերը։ Անոր զաւակը յափշտակուեցաւ Աստուծոյ քով ու անոր աթոռին քով։ Կինն ալ անապատը փախաւ, ուր անոր տեղ պատրաստուած էր Աստուծմէ, որպէս զի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օր։ Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, Բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ։ Եւ մեծ ձայն մը լսեցի երկնքի մէջ, որ կ’ըսէր. «Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասն զի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր։ Եւ անոնք անոր յաղթեցին Գառնուկին արիւնովը ու իրենց վկայութեանը խօսքովը եւ իրենց կեանքը չսիրեցին մինչեւ մահ։ Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ. վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։ Ու երբ վիշապը տեսաւ որ ինք երկրի վրայ ձգուեցաւ, արու զաւակ ծնանող կնոջ ետեւէն ինկաւ։ Այն կնոջ մեծ արծիւի երկու թեւեր տրուեցան, որպէս զի անապատ իր տեղը թռչի օձին երեսէն, ուր պիտի կերակրուէր ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ։ Եւ օձը իր բերնէն գետի պէս ջուր վազցուց կնոջ ետեւէն, որպէս զի զանիկա հեղեղով ընկղմէ։ Բայց երկիրը օգնեց կնոջը։ Իր բերանը բացաւ եւ կլլեց այն գետը, որ վիշապը իր բերնէն վազցուց։ Վիշապը բարկացաւ կնոջ դէմ եւ գնաց պատերազմելու անոր միւս զաւակներուն հետ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները կը պահէին ու Յիսուսին վկայութիւնը ունէին։ Եւ կայնեցայ ծովուն աւազին վրայ։ Տեսայ թէ ծովէն գազան մը կ’ելլէր, որը ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր եւ անոր եղջիւրներուն վրայ տասը թագ ու անոր գլուխներուն վրայ հայհոյութեան անուններ կային։ Այդ գազանը ինձ ի նման էր, իր ոտքերը արջու ոտքերու պէս, իր բերանը առիւծի բերնի պէս։ Վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը եւ իր աթոռը ու մեծ իշխանութիւն։ Անոր գլուխներէն մէկը մահու չափ վիրաւորուածի պէս էր, բայց անոր մահացու վէրքը առողջացաւ եւ բոլոր երկիր գազանին վրայ զարմացաւ։ Եւ երկրպագութիւն ըրին վիշապին՝ որ գազանին իշխանութիւն տուաւ։ Երկրպագութիւն ըրին գազանին, ըսելով. «Ո՞վ գազանին նման է եւ ո՞վ կրնայ ատոր հետ պատերազմիլ»։ Անոր մեծ բաներ ու հայհոյութիւններ խօսող բերան տրուեցաւ եւ քառասուներկու ամիս անոր իշխանութիւն տրուեցաւ իր կամքը ընելու։ Իր բերանը հայհոյութեամբ Աստուծոյ դէմ բացաւ, անոր անուան ու անոր խորանին ու երկինքը բնակողներուն հայհոյելու։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմ ընելու ու անոնց յաղթելու։ Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր ցեղերուն [եւ ժողովուրդներուն] ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ։ Անոր երկրպագութիւն պիտի ընեն երկրին վրայ բոլոր բնակողները, որոնց անունները աշխարհի սկիզբէն ի վեր մորթուած Գառնուկին կենաց գրքին մէջ գրուած չեն։ Ով որ ականջ ունի թող լսէ. Ով որ գերութեան քշէ, ինք գերի պիտի տարուի. ով որ սրով սպաննէ, պէտք է որ ինք սրով սպաննուի։ Հոս է սուրբերուն համբերութիւնն ու հաւատքը։ Ուրիշ գազան մը տեսայ, որ երկրէն կ’ելլէր ու գառնուկի նման երկու եղջիւր ունէր ու կը խօսէր վիշապի պէս։ Առաջին գազանին իշխանութիւնը կ’օգտագործէր անոր առջեւ ու երկիրը եւ անոր բնակիչները կը ստիպէր, որ երկրպագութիւն ընեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը առողջացաւ։ Մեծ նշաններ կ’ընէր ու մինչեւ անգամ երկնքէն կրակ կ’իջեցնէր երկրի վրայ մարդոց առջեւ։ Երկրի վրայ բնակողները կը մոլորեցնէր այն նշաններով, որ իր ձեռքը տրուած էր գազանին առջեւ ընելու։ Երկրի բնակիչներուն կ’ըսէր, որ պատկերը շինեն այն գազանին, որ սուրով վիրաւորուած էր ու առողջացաւ։ Եւ իշխանութիւն տրուեցաւ անոր, որ գազանին պատկերին հոգի տայ, որպէս զի գազանին պատկերը խօսի եւ ով որ գազանին պատկերին երկրպագութիւն չընէ, զանիկա սպաննել տայ։ Ան կը ստիպէր բոլորը, այսինքն պզտիկներն ու մեծերը, հարուստներն ու աղքատները, ազատներն ու ծառաները, որ իրենց աջ ձեռքին վրայ կամ իրենց ճակատին վրայ դրոշմ ընդունին, Որպէս զի մէ՛կը չկրնայ գնել կամ ծախել, բայց միայն ան՝ որ ունի դրոշմը կամ գազանին անունը կամ անոր անուանը թիւը։ Հոս է իմաստութիւնը. ով որ միտք ունի, թող հաշուէ գազանին թիւը. քանզի մարդու մը թիւն է ու անոր թիւը վեց հարիւր վաթսունըվեց է։ Տեսայ, որ Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը, որոնք ունէին [անոր անունը եւ] անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած։ Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս ու մեծ որոտումի ձայնի մը պէս ու լսած ձայնս քնարահարներուն քնարները զարնելու ձայնին կը նմանէր։ Եւ նոր երգ մը կ’երգէին աթոռին ու չորս կենդանիներուն ու երէցներուն առջեւ եւ մէ՛կը չէր կրնար այն երգը սորվիլ բացի այն հարիւր քառասունըչորս հազարէն, որոնք երկրէն գնուած էին։ Ասոնք անոնք են որ կիներու հետ չխառնակուեցան, քանզի կոյս են։ Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու Եւ անոնց բերանը սուտ չգտնուեցաւ, վասն զի անբիծ են ։ Եւ ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու ջուրերուն աղբիւրները»։ Անոր ետեւէն ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ ու ըսաւ. «Ինկա՜ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը, վասն զի բոլոր ազգերը արբեցուց իր կատաղի պոռնկութեանը գինիով»։ Անոնց ետեւէն երրորդ հրեշտակը մըն ալ եկաւ ու մեծ ձայնով մը ըսաւ. «Ով որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն ընէ եւ դրոշմը իր ճակատին վրայ կամ իր ձեռքին վրայ ընդունի, Անիկա Աստուծոյ սրտմտութեան գինիէն պիտի խմէ, որ անխառն լեցուած է անոր բարկութեանը գաւաթին մէջ եւ կրակով ու ծծումբով պիտի տանջուի սուրբ հրեշտակներուն առջեւ ու Գառնուկին առջեւ։ Անոնց տանջանքին ծուխը պիտի ելլէ յաւիտեանս յաւիտենից եւ ցորեկ ու գիշեր հանգստութիւն պիտի չունենան անոնք՝ որ գազանին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընեն եւ անոր անուանը դրոշմը կ’ընդունին»։ Հոս է սուրբերուն համբերութիւնը, որոնք Աստուծոյ պատուիրանքները ու Յիսուսին հաւատքը կը պահեն։ Ու երկնքէն ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Գրէ՛ Այսուհետեւ երանելի են այն մեռելները՝ որոնք Տէրոջմով կը ննջեն». «Այո՛, կ’ըսէ Հոգին, որ իրենց աշխատութենէն հանգչին ու իրենց գործերը իրենց ետեւէն կ’երթան»։ Տեսայ ճերմակ ամպ մը ու այն ամպին վրայ մէկը նստեր էր Որդի մարդոյ նման եւ իր գլուխը ոսկիէ պսակ մը ու իր ձեռքը սուր մանգաղ մը ունէր։ Տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ ամպին վրայ նստողին մեծ ձայնով կ’աղաղակէր ու կ’ըսէր. «Երկնցո՛ւր քու մանգաղդ ու հնձէ. վասն զի հնձելու ժամանակը եկաւ, վասն զի երկրի հունձքը հասունցած է»։ Ան որ ամպին վրայ կը նստէր, իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկիրը հնձուեցաւ։ Ու երկնքին մէջի տաճարէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ։ Ասիկա ալ սուր մանգաղ մը ունէր։ Ու սեղանէն ուրիշ հրեշտակ մը ելաւ, որ կրակի վրայ իշխանութիւն ունէր ու մեծ ձայնով կանչեց անոր՝ որ սուր մանգաղը ունէր ու ըսաւ. «Երկնցո՛ւր քու սուր մանգաղդ ու երկրի այգիին ողկոյզները կթէ, վասն զի անոր խաղողները հասունցած են»։ Այն հրեշտակն ալ իր մանգաղը երկրի վրայ երկնցուց ու երկրին այգիին խաղողները կթեց ու Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ ձգեց։ Հնձանը քաղաքէն դուրս կոխուեցաւ ու հնձանէն արիւն կ’ելլէր, որ մինչեւ ձիերուն սանձերը ու հազար վեց հարիւր ասպարէզ կը հասնէր ։ Ուրիշ մեծ ու զարմանալի նշան մը տեսայ երկնքի մէջ։ Եօթը հրեշտակներ, որոնք եօթը վերջին հարուածները ունէին, որովհետեւ անոնցմով պիտի կատարուէր Աստուծոյ բարկութիւնը։ Տեսայ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը կրակով խառնուած։ Անոնք որ յաղթեցին գազանին ու անոր պատկերին եւ անոր անուան թիւին, ապակեղէն ծովուն վրայ կայներ էին ու Աստուծոյ քնարները ունէին Եւ Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսին՝ երգը կ’երգէին ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասն զի Դո՛ւն միայն սուրբ ես. քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասն զի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան»։ Ասկէ յետոյ տեսայ, որ բացուեցաւ վկայութեան խորանին տաճարը, որ երկինքն էր Ու եօթը հարուածներ ունեցող եօթը հրեշտակները մաքուր ու պայծառ կտաւ հագած եւ իրենց կուրծքերուն վրայ ոսկեղէն գօտի կապած՝ տաճարէն ելան։ Չորս կենդանիներէն մէկը եօթը հրեշտակներուն եօթը ոսկեղէն սկաւառակներ տուաւ յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղող Աստուծոյ բարկութիւնովը լեցուն։ Տաճարը Աստուծոյ փառքէն ու անոր զօրութենէն ծուխով լեցուեցաւ ու մէ՛կը չէր կրնար տաճարը մտնել, մինչեւ կատարուին եօթը հրեշտակներուն եօթը հարուածները։ Տաճարէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ եօթը հրեշտակներուն կ’ըսէր. «Գացէ՛ք, Աստուծոյ բարկութեան [եօթը] սկաւառակները երկրի վրայ թափեցէք»։ Առաջին հրեշտակը գնաց ու իր սկաւառակը երկրի վրայ թափեց ու չարաչար պալարներ ելան այն մարդոց վրայ, որոնք գազանին դրոշմը ունէին ու անոր պատկերին երկրպագութիւն կ’ընէին։ Երկրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը ծովուն վրայ թափեց ու ջուրերը մեռած մարդու արիւն դարձան եւ ծովուն մէջի բոլոր կենդանիները մեռան։ Երրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գետերուն ու ջուրերու աղբիւրներուն վրայ թափեց ու անոնք արիւն դարձան։ Եւ ջուրերուն հրեշտակէն լսեցի որ կ’ըսէր. «Արդար ես դուն, որ ես եւ որ էիր եւ սուրբ ես, որ այսպիսի դատաստաններ ըրիր. Վասն զի անոնք սուրբերուն ու մարգարէներուն արիւնը թափեցին եւ դուն անոնց արիւն խմել տուիր, քանզի արժանի են»։ Եւ սեղանէն լսեցի, որ կ’ըսէր. «Այո՛, Ամենակա՛լ Տէր Աստուած, քու դատաստաններդ արդար ու ճշմարիտ են»։ Չորրորդ հրեշտակը իր սկաւառակը արեւին վրայ թափեց։ Անոր զօրութիւն տրուեցաւ որ խորշակահար ընէ մարդիկը կրակով։ Եւ սաստիկ տաքէն խորշակահար եղան մարդիկ եւ հայհոյեցին Աստուծոյ անուան, որ այս հարուածներուն վրայ իշխանութիւն ունի ու չապաշխարեցին, որ անոր փառք տան։ Հինգերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը գազանին աթոռին վրայ թափեց ու անոր թագաւորութիւնը խաւարեցաւ։ Մարդիկ ցաւէն լեզունին կը ծամէին Ու երկնքի Աստուծոյ հայհոյեցին իրենց ցաւերուն եւ իրենց պալարներուն պատճառով, բայց իրենց գործերէն չապաշխարեցին։ Վեցերորդ հրեշտակը իր սկաւառակը մեծ գետին՝ Եփրատին վրայ թափեց ու անոր ջուրերը ցամքեցան, որպէս զի արեւելքի թագաւորներուն ճամբան պատրաստուի։ Տեսայ որ վիշապին բերնէն ու գազանին բերնէն եւ սուտ մարգարէին բերնէն երեք պիղծ ոգիներ կ’ելլէին գորտերու նման. Վասն զի անոնք դեւերու ոգիներ էին՝ որ նշաններ կ’ընէին ու բոլոր աշխարհի թագաւորներուն քով կ’երթային, որպէս զի զանոնք Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն. (Ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ ու իր հանդերձները կը պահէ, որպէս զի մերկ չպտըտի ու իր ամօթը չերեւնայ.) Եւ զանոնք տեղ մը հաւաքեցին, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի։ Եօթներորդ հրեշտակը իր սկաւառակը օդին վրայ թափեց ու երկնքի տաճարէն, աթոռէն մեծ ձայն մը ելաւ՝ ըսելով. «Եղաւ»։ Եւ փայլակներ ու ձայներ եւ որոտումներ՝ ՝ եղան ու մեծ երկրաշարժ մը եղաւ, այնպէս որ մարդոց երկրի վրայ ըլլալէն ի վեր այնպիսի մեծ երկրաշարժ մը եղած չէր։ Մեծ քաղաքը երեք մաս եղաւ ու ազգերուն քաղաքները կործանեցան։ Աստուած մեծ Բաբելոնը յիշեց, որպէս զի իր սաստիկ բարկութեան գինիին գաւաթը անոր տայ։ Ամէն կղզի փախաւ ու լեռները չգտնուեցան։ Եւ խոշոր կարկուտ՝ գրեթէ տաղանդի մը կշիռքով՝ երկնքէն կ’իջնէր մարդոց վրայ ու մարդիկ հայհոյեցին Աստուծոյ կարկուտին հարուածին համար, վասն զի խիստ մեծ էր այն հարուածը։ Եօթը սկաւառակներ ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը եկաւ ու ինծի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Եկո՛ւր ու քեզի ցուցնեմ այն մեծ պոռնիկին դատաստանը, որ շատ ջուրերու վրայ կը նստի. Որուն հետ երկրին թագաւորները պոռնկացան ու երկրին բնակիչները անոր պոռնկութեան գինիովը գինովցան»։ Եւ զիս առաւ անապատը տարաւ հոգիով. ուր տեսայ կին մը, որ կարմիր գազանի մը վրայ նստեր էր։ Այն գազանը լեցուն էր հայհոյութեան անուններով ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր։ Կինը ծիրանի ու կարմիր հագած էր, զարդարուած էր ոսկիով ու պատուական քարերով եւ մարգարիտներով եւ իր ձեռքը ոսկիէ գաւաթ մը ունէր պղծութիւններով ու իր պոռնկութեանը անմաքրութիւններով լեցուն։ Անոր ճակտին վրայ անուն մը գրուած էր. «Խորհուրդ՝ Մեծ Բաբելոն՝ պոռնիկներու ու երկրի պղծութիւններուն մայրը»։ Տեսայ այն կինը, որ սուրբերուն արիւնովը ու Յիսուսին վկաներուն արիւնովը գինովցած էր։ Երբ տեսայ զանիկա, մեծ զարմանքով զարմացայ։ Հրեշտակը ինծի ըսաւ. «Ինչո՞ւ զարմացար. ես քեզ ըսեմ այն կնոջ խորհուրդը ու այն գազանին՝ որ զանիկա իր վրայ կը կրէ ու եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունի։ Այն գազանը որ տեսար, կար ու չկայ, բայց անդունդէն ելլելու ու կորուստին երթալու վրայ է ու երկրի վրայ բնակողները, որոնց անունները աշխարհին սկիզբէն ի վեր կենաց գրքին մէջ գրուած չեն, պիտի զարմանան, երբ տեսնեն այն գազանը որ կար ու չկայ, թէեւ կայ՝ ՝։ Հոս պէտք է իմաստութիւն ունեցող միտք մը։ Այն եօթը գլուխը եօթը լեռներ են, որոնց վրայ կինը կը նստի եւ եօթը թագաւորներ են։ Հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ եւ միւսը դեռ եկած չէ ու երբ գայ՝ քիչ ատեն պիտի մնայ։ Գազանը, որ կար ու չկայ, անիկա ալ ութերորդն է որ եօթնէն է ու դէպի կորուստ կ’երթայ։ Տասը եղջիւրը որոնք տեսար՝ տասը թագաւորներ են, որոնք դեռ թագաւորութիւն առած չեն, հապա գազանին հետ մէկ ժամու չափ թագաւորներու պէս իշխանութիւն պիտի առնեն։ Անոնք մէկ կամք ունին ու իրենց զօրութիւնը եւ իշխանութիւնը գազանին կու տան։ Ասոնք Գառնուկին հետ պիտի պատերազմին եւ Գառնուկը անոնց պիտի յաղթէ, քանզի անիկա տէրերուն Տէրն է ու թագաւորներուն Թագաւորը եւ անոր հետ եղողները կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ են»։ Ու ըսաւ ինծի. «Այն ջուրերը որոնք տեսար, որոնց վրայ պոռնիկը նստեր էր, ժողովուրդներ են ու բազմութիւններ եւ ազգեր ու լեզուներ։ Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն։ Վասն զի Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն ու միակամ ըլլան եւ իրենց թագաւորութիւնը գազանին տան, մինչեւ Աստուծոյ խօսքերը կատարուին։ Եւ կինը որ տեսար, այն մեծ քաղաքն է, որ կը թագաւորէ երկրի թագաւորներուն վրայ»։ Ասկէ ետքը [ուրիշ] հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր ու երկիր անոր փառքով լուսաւորուեցաւ։ Ան զօրաւոր ձայնով աղաղակեց՝ ըսելով. «Ինկա՛ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը եւ դեւերու բնակարան եղաւ ու բոլոր պիղծ ոգիներուն՝ արգելանոց եւ բոլոր պիղծ ու ատելի թռչուններուն՝ վանդակ. Վասն զի անոր կատաղի պոռնկութեան գինիէն խմեցին բոլոր ազգերը ու երկրին թագաւորները անոր հետ պոռնկացան եւ երկրին վաճառականները անոր չափազանց զեղխութենէն հարստացան»։ Ու երկնքէն ուրիշ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք. Վասն զի ատոր մեղքերը մինչեւ երկինք հասան ու Աստուած ատոր անիրաւութիւնները յիշեց։ Հատուցանեցէք ատոր՝ ինչպէս ինք հատուցանեց ու իր գործերուն համեմատ կրկնապատիկ փոխարինեցէք ատոր։ Այն գաւաթը որ ինք լեցուց՝ կրկնապատիկ լեցուցէք իրեն։ Որչափ որ փառաւորեց զինք եւ զեղխութեամբ ապրեցաւ, այնչափ ալ տանջանք եւ սուգ հատուցանեցէք անոր. վասն զի իր սրտին մէջ կ’ըսէ. «Ես թագուհի եմ, որբեւարի չեմ ու բնաւ սուգ պիտի չտեսնեմ»։ Անոր համար մէկ օրուան մէջ պիտի գան ատոր հարուածները՝ մահ ու սուգ եւ սով ու կրակով պիտի այրի. վասն զի հզօր է Տէր Աստուած, որ զանիկա դատեց։ Ու երկրի թագաւորները, որ ատոր հետ պոռնկացան ու հեշտացան, պիտի լան ու կոծեն ատոր վրայ, երբ ատոր հրկիզումին ծուխը տեսնեն։ Ատոր տանջանքին վախէն հեռուն պիտի կայնին ու ըսեն. «Վա՜յ, վա՜յ քեզի, մեծ Բաբելոն քաղաք, հզօ՛ր քաղաք, որ մէկ ժամու մէջ եկաւ քու դատաստանդ»։ Ու երկրին վաճառականները պիտի ողբան ու սուգ ընեն անոր վրայ. վասն զի ալ մէ՛կը ծախու պիտի չառնէ անոնց վաճառքը, Ոսկիի ու արծաթի եւ պատուական քարերու ու մարգարիտներու եւ բեհեզի ու ծիրանիի եւ մետաքսի ու որդան կարմիրի վաճառքը եւ խունկի փայտերը ու փղոսկրեայ ամանները եւ պատուական փայտէ ու պղնձէ եւ երկաթէ ու մարմարիոնէ ամանները Եւ կինամոնը [ու ամոմոնը] եւ խունկերը ու անուշահոտ իւղը ու կնդրուկը եւ գինին ու ձէթը եւ նաշիհը ու ցորենը եւ արջառները ու ոչխարները եւ ձիերը ու կառքերը եւ մարմինները ու մարդոց հոգիները։ Եւ քու հոգիիդ ցանկացած պտուղները քեզմէ գացին ու բոլոր շքեղ ու փայլուն բաները քեզմէ կորսուեցան եւ ալ բնաւ պիտի չգտնես զանոնք»։ Այս բաներուն վաճառականները, որոնք անկէ հարստացած էին, հեռուն պիտի կայնին անոր տանջանքին վախէն՝ լալով ու սուգ ընելով Ու պիտի ըսեն. «Վա՜յ, վա՜յ, մե՛ծ քաղաք, որ բեհեզ ու ծիրանի եւ որդան կարմիր հագած էիր ու ոսկիով եւ պատուական քարերով ու մարգարիտներով զարդարուած էիր, Վասն զի այնքան հարստութիւնը մէկ ժամու մէջ փճացաւ»։ Նաւավարները եւ այն ամէնքը, որ նաւով տեղ կ’երթան ու նաւաստիները եւ որոնք որ ծովու մէջ կը բնակին, հեռուն կայնեցան։ Եւ տեսնելով անոր հրկիզումին ծուխը՝ կ’աղաղակէին՝ ըսելով. «Ո՞վ նման է այս մեծ քաղաքին»։ Իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանեցին եւ լալով ու սուգ ընելով՝ աղաղակեցին, ըսելով. «Վա՜յ, վա՜յ այն մէ՛ծ քաղաքին, որուն մէջ իր պատուականութենէն հարստացան ամէնքը, որոնք նաւեր ունէին ծովուն վրայ. վասն զի մէկ ժամու մէջ ամայացաւ։ Ուրախացէ՛ք անոր վրայ, երկինք ու սուրբ առաքեալներ եւ մարգարէներ, որ Աստուած ձեր վրէժը անկէ առաւ»։ Զօրաւոր հրեշտակ մը քար մը առաւ աղօրիքի մեծ քարի նման ու ծովը ձգեց՝ ըսելով. «Այսպէս ուժով վար պիտի ձգուի Բաբելոն մեծ քաղաքը ու ա՛լ պիտի չգտնուի։ Եւ քնարահարներուն ու երաժիշտներուն եւ սրնգահարներուն ու փողահարներուն ձայնը ա՛լ պիտի չլսուի քու մէջդ եւ ա՛լ վարպետ արհեստաւոր մը պիտի չգտնուի քու մէջդ ու աղօրիքին ձայնը ա՛լ պիտի չլսուի քու մէջդ Եւ ճրագին լոյսը ա՛լ պիտի չերեւնայ քու մէջդ ու փեսային ձայնը եւ հարսին ձայնը ա՛լ պիտի չլսուին քու մէջդ. քանզի քու վաճառականներդ երկրին մեծամեծներն էին. վասն զի քու կախարդութիւնովդ բոլոր ազգերը մոլորեցան»։ Եւ մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ։ Անկէ ետքը շատ բազմութեան մեծ ձայն մը լսեցի երկնքէն, ըսելով. «Ալէլուիա՜. փրկութիւն ու փառք եւ պատիւ ու զօրութիւն մեր Աստուծոյն. Վասն զի ճշմարիտ ու արդար են անոր դատաստանները, քանզի դատեց այն մեծ պոռնիկը, որ իր պոռնկութիւնովը երկիրը ապականեց ու իր ծառաներուն արեան վրէժը անոր ձեռքէն պահանջեց»։ Եւ կրկին անգամ ըսին. «Ալէլուիա՜. անոր ծուխը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի ելլէ»։ Քսանըչորս երէցները ու չորս կենդանիները ինկան ու երկրպագութիւն ըրին Աստուծոյ, որ աթոռը կը նստի, ըսելով. «Ամէ՛ն, Ալէլուիա՜»։ Եւ աթոռէն ձայն մը ելաւ, ըսելով. «Մեր Աստուծոյն օրհնութիւն տուէք, ո՛վ բոլոր ծառաներ ու դուք որ իրմէ կը վախնաք, պզտիկներ ու մեծեր»։ Եւ լսեցի ձայն մը մեծ բազմութեան ձայնի պէս ու շատ ջուրերու ձայնի պէս ու սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որոնք կ’ըսէին. «Ալէլուիա՜, վասն զի [մեր] Ամենակալ Տէր Աստուածը թագաւորեց։ Խնդա՛նք եւ ուրախանա՛նք ու փա՛ռք տանք անոր, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց»։ Եւ իրեն հագնելու համար տրուեցաւ մաքուր ու լուսափայլ բեհեզ, (քանզի այն բեհեզը սուրբերուն արդարութիւնն է։) Եւ ինծի ըսաւ. «Գրէ՛. Երանելի են անոնք, որ Գառնուկին հարսանիքին ընթրիքին կանչուած են» ու ինծի ըսաւ. «Ասոնք են Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերը»։ Ես ալ անոր ոտքերուն առջեւ ինկայ, որպէս զի անոր երկրպագութիւն ընեմ ու ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես ալ քու ծառայակիցդ եմ ու քու եղբայրներուդ՝ որոնք Յիսուսին վկաներն էին։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ. (վասն զի Յիսուսին վկայութիւնը մարգարէութեան հոգին է)»։ Տեսայ երկինքը բացուած եւ ճերմակ ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողը Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ կը կոչուի։ Արդարութեամբ դատաստան կը տեսնէ ու կը պատերազմի։ Անոր աչքերը կրակի բոցի պէս էին։ Անոր գլխուն վրայ շատ թագեր կային ու գրուած անուն մը ունէր, որ մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն ինք։ Արիւնով ներկուած հանդերձ մը հագեր էր։ Անոր անունը Բանն Աստուծոյ էր։ Երկնքի մէջ եղող զօրքերը անոր ետեւէն կ’երթային ճերմակ ձիերով, ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած։ Անոր բերնէն սրած սուր մը կ’ելլէր, որպէս զի անով ազգերը զարնէ ու ինք երկաթէ գաւազանով պիտի հովուէ զանոնք ու Ամենակալ Աստուծոյ սաստիկ բարկութեանը գինիին հնձանը ինք պիտի կոխէ։ Եւ իր պատմուճանին վրայ ու իր ազդրին վրայ գրուած գիր մը ունէր. «ԹԱԳԱՒՈՐ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ ԵՒ ՏԷՐ ՏԵՐԱՆՑ»։ Եւ հրեշտակ մըն ալ տեսայ, որ արեւին մէջ կայներ էր ու մեծ ձայնով աղաղակեց երկնքի մէջ թռչող բոլոր թռչուններուն՝ ըսելով. «Եկէք, Աստուծոյ մեծ ընթրիքին՝ ՝ հաւաքուեցէ՛ք Որպէս զի ուտէք թագաւորներուն մարմինները ու հազարապետներուն մարմինները ու ձիերուն եւ անոնց վրայ հեծնողներուն մարմինները ու ամենուն մարմինները, թէ՛ ազատներուն եւ թէ՛ ծառաներուն, թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ՛ մեծերուն։ Տեսայ գազանը ու երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ հաւաքուած պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ։ Գազանը բռնուեցաւ ու անոր հետ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ նշաններ ըրաւ, որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողները եւ անոր պատկերին երկրպագութիւն ընողները։ Երկուքն ալ ողջ ողջ ծծումբով վառուած կրակին լիճը ձգուեցան։ Եւ ուրիշներ ալ սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծնողին սուրէն, որ անոր բերնէն կ’ելլէր ու բոլոր թռչունները անոնց մարմիններէն կշտացան։ Յետոյ հրեշտակ մը տեսայ, որ երկնքէն կ’իջնէր ու անդունդին բանալին ու մեծ շղթայ մը ունէր իր ձեռքը։ Ան բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի Ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց, որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը՝ մինչեւ հազար տարին լմննայ։ Անկէ ետքը պիտի արձակուի անիկա կարճ ժամանակուան մը համար։ Աթոռներ տեսայ, որոնց վրայ նստան եւ անոնց դատաւորութիւն տրուեցաւ։ Նաեւ Յիսուսին վկայութեանը համար ու Աստուծոյ խօսքին համար գլխատուածներուն հոգիները տեսայ ։ Անոնք, որ երկրպագութիւն չըրին գազանին, ո՛չ ալ անոր պատկերին ու անոր դրոշմը իրենց ճակատներուն վրայ ու իրենց ձեռքին վրայ չընդունեցին եւ ապրեցան ու Քրիստոսին հետ հազար տարի թագաւորեցին։ Միւս մեռելները չապրեցան մինչեւ հազար տարին լրացաւ։ Ասիկա է առաջին յարութիւնը։ Երանելի եւ սուրբ է ա՛ն, որ առաջին յարութեանը մէջ բաժին ունի։ Ասոնց վրայ երկրորդ մահը իշխանութիւն չունի, հապա անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն։ Հազար տարին լրանալէն վերջը պիտի արձակուի Սատանան իր բանտէն, որ պիտի ելլէ ու մոլորեցնէ երկրին չորս անկիւնները եղող ազգերը՝ Գոգն ու Մագոգը՝ որպէս զի զանոնք պատերազմի հաւաքէ, որոնց համրանքը ծովու աւազին չափ է։ Երկրին ընդարձակութեանը մէջ ելան եւ սուրբերուն բանակը ու սիրելի քաղաքը չորս կողմէն պատեցին։ Երկնքէն Աստուծմէ կրակ իջաւ ու սպառեց զանոնք, իսկ Բանսարկուն, որ զանոնք մոլորեցուց, ձգուեցաւ կրակի ու ծծումբի լիճին մէջ, ուր էին գազանը Եւ սուտ մարգարէն։ Հոն պիտի չարչարուին ցորեկ ու գիշեր՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Մեծ ճերմակ աթոռ մը տեսայ, որուն վրայ մէկը նստած էր։ Անոր երեսէն երկիր ու երկինք փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Տեսայ պզտիկ ու մեծ մեռելներ որոնք Աստուծոյ առջեւ կայնած էին։ Գրքերը բացուեցան եւ ուրիշ գիրք մըն ալ բացուեցաւ, այսինքն կեանքի գիրքը եւ գրքերուն մէջ գրուած մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համեմատ։ Եւ ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ։ Եւ մահը ու դժոխքը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը։ Եւ ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ։ Ահա նոր երկինք մը ու նոր երկիր մը տեսայ, վասն զի առաջին երկինքը ու առաջին երկիրը անցան եւ ա՛լ ծով չկար։ Սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը՝ տեսայ, որ երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէր, իր էրկանը համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած։ Ու երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» ու ըսաւ ինծի. «Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են»։ Նաեւ ըսաւ ինծի. «Եղա՛ւ. ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան, Սկիզբն ու Վախճանը. ես ծարաւին ձրի պիտի տամ կենաց ջուրին աղբիւրէն։ Ան որ կը յաղթէ, ամէն բաները պիտի ժառանգէ ու ես անոր Աստուած պիտի ըլլամ, ան ալ ինծի որդի պիտի ըլլայ։ Բայց վախկոտներուն ու անհաւատներուն եւ պիղծերուն ու մարդասպաններուն ու պոռնիկներուն եւ կախարդներուն ու կռապաշտներուն եւ բոլոր ստախօսներուն բաժինը կրակով ու ծծումբով վառած լճին մէջ պիտի ըլլայ, որ է երկրորդ մահը»։ Եօթը վերջին հարուածներով լեցուն եօթը սկաւառակները ունեցող եօթը հրեշտակներէն մէկը ինծի եկաւ եւ ինծի հետ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Եկո՛ւր, ցուցնեմ քեզի հարսը, Գառնուկին կինը»։ Եւ հոգիով մեծ ու բարձր լերան մը վրայ տարաւ զիս եւ ցուցուց ինծի սուրբ Երուսաղէմ քաղաքը, որ երկնքէն՝ Աստուծմէ կ’իջնէր Աստուծոյ փառքը ունէր եւ անոր լուսաւորութիւնը խիստ պատուական քարի նման էր, ակնվանիի երեւոյթով յասպիս քարի պէս։ Անոր պարիսպը մեծ ու բարձր էր- Տասներկու դռներ ունէր ու դռներուն վրայ տասներկու հրեշտակներ կային եւ դռներուն վրայ անուններ գրուած էին՝ այսինքն Իսրայէլի որդիներուն տասներկու ցեղերուն անունները ։ Արեւելեան կողմէն երեք դուռ ու հիւսիսային կողմէն երեք դուռ եւ հարաւային կողմէն երեք դուռ ու արեւմտեան կողմէն երեք դուռ։ Քաղաքին պարիսպը տասներկու հիմեր ունէր։ Անոնց վրայ Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն [տասներկու] անունները գրուած էին ։ Ինծի հետ խօսողը ձեռքը ոսկիէ եղէգ մը ունէր, որպէս զի անով քաղաքը եւ անոր դռները ու անոր պարիսպները չափէ։ Քաղաքը քառակուսի էր։ Անոր երկայնութիւնը լայնութեանը չափ էր եւ քաղաքը նոյն եղէգով տասներկու հազար ասպարէզ չափեց։ Անոր երկայնութիւնը ու լայնութիւնը եւ բարձրութիւնը հաւասար էին։ Անոր պարիսպը հարիւր քառասունըչորս կանգուն չափեց, մարդու չափով, այսինքն հրեշտակին չափովը ։ Անոր պարիսպին շինուածքը յասպիս քարէ էր ու քաղաքը զուտ ոսկի էր՝ մաքուր ապակիի նման։ Քաղաքին պարիսպին հիմերը ամէն տեսակ պատուական քարերով զարդարուած էին։ Առաջին հիմը յասպիս էր, երկրորդը՝ շափիւղայ, երրորդը՝ քաղկեդոն, չորրորդը՝ զմրուխտ, Հինգերորդը՝ եղնգնաքար, վեցերորդը՝ սարդիոն, եօթներորդը՝ ոսկեքար, ութերորդը՝ բիւրեղ, իններորդը՝ տպազիոն, տասներորդը՝ քրիսոպրասոս, տասնըմէկերորդը՝ յակինթ, տասներկրորդը՝ ամեթովս։ Եւ տասներկու դռները տասներկու մարգարիտ էին, ամէն մէկ դուռը մէյ մէկ ամբողջ մարգարիտ էր ու քաղաքին հրապարակը մաքուր ոսկի էր թափանցիկ ապակիի նման։ Անոր մէջ տաճար չտեսայ, վասն զի Տէր Աստուած Ամենակալն ու Գառնուկը անոր տաճարն են։ Քաղաքը արեւի ու լուսնի պէտք չունի, որ զանիկա լուսաւորեն, վասն զի Աստուծոյ փառքը զանիկա կը լուսաւորէ ու անոր ճրագը Գառնուկն է։ Եւ [փրկուած] ազգերը անոր լոյսովը պիտի քալեն ու երկրին թագաւորները իրենց փառքը ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն։ Անոր դռները ցորեկը պիտի չգոցուին. (վասն զի հոն գիշեր պիտի չըլլայ.) Ազգերուն փառքն ու պատիւը անոր մէջ պիտի բերեն։ Հոն բնաւ անմաքրութիւն մը պիտի չմտնէ, ո՛չ ալ պղծութիւն ու ստութիւն գործող մը, հապա միայն անոնք՝ որ Գառնուկին կեանքի գրքին մէջ գրուած են։ Ինծի կեանքի ջուրի գետ մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։ Այն քաղաքին հրապարակին մէջ ու այն գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն բժշկութիւն կ’ըլլային։ Ա՛լ բնաւ նզովք պիտի չըլլայ։ Անոր մէջ պիտի ըլլայ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռը։ Անոր ծառաները պիտի պաշտեն զանիկա։ Անոր երեսը պիտի տեսնեն ու անոր անունը իրենց ճակատներուն վրայ պիտի ըլլայ։ Հոն ա՛լ գիշեր պիտի չըլլայ եւ ճրագ ու արեւու լոյս պէտք չէ. քանզի Տէր Աստուած պիտի լուսաւորէ զանոնք եւ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի թագաւորեն։ Հրեշտակը ըսաւ ինծի. «Այս խօսքերը հաւատարիմ են ու ճշմարիտ եւ սուրբ մարգարէներուն՝ ՝ Տէր Աստուածը իր հրեշտակը ղրկեց՝ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ։ «Ահա ես շուտով կու գամ։ Երանի՜ անոր որ կը պահէ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը»։ Եւ ես՝ Յովհաննէսս՝ լսեցի ու տեսայ այս բաները։ Երբ լսեցի ու տեսայ, ինկայ որ երկրպագութիւն ընեմ այն հրեշտակին ոտքերուն առջեւ՝ որ այս բաները ինծի կը ցուցնէր, Բայց ան ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. վասն զի ես քու ու քու եղբայրներուդ, մարգարէներուն եւ այս գրքին խօսքերը պահողներուն ծառայակիցն եմ։ Աստուծոյ երկրպագութիւն ըրէ»։ Եւ ըսաւ ինծի. «Այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը մի՛ կնքեր, վասն զի ժամանակը մօտ է։ Ան որ անիրաւութիւն կ’ընէ՝ թող անիրաւութիւն ընէ ու ան որ աղտոտ է՝ թող աղտոտ ըլլայ եւ ան որ արդար է՝ թող արդար ըլլայ ու ան որ սուրբ է՝ թող սուրբ ըլլայ»։ «Ահա ես շուտով կու գամ եւ իմ վարձքս ինծի հետ է՝ ամէն մէկուն իր գործին համեմատ հատուցանելու։ Ես եմ Ալֆան ու Օմէղան, Առաջինը ու Վերջինը, Սկիզբը եւ Վախճանը»։ Երանելի՜ են անոնք, որ անոր պատուիրանքները կը կատարեն, որպէս զի իշխանութիւն ունենան կենաց ծառին վրայ եւ դռներէն ներս քաղաքը մտնեն։ Բայց դուրս պիտի մնան շուներն ու կախարդները եւ պոռնիկներն ու սպաննութիւն ընողները եւ կռապաշտներն ու այն ամէնքը որ ստութիւն կը սիրեն եւ կ’ընեն»։ «Ես՝ Յիսուսս՝ իմ հրեշտակս ղրկեցի՝ այս բաները ձեզի վկայելու եկեղեցիներուն մէջ. ես Դաւիթին արմատէն ու ցեղէն եմ ու առաւօտեան պայծառ աստղը»։ Եւ Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։ Ես կը վկայեմ ամէն մէկուն որ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը կը լսէ։ Եթէ մէկը ասոնց վրայ բան մը աւելցնէ, Աստուած ալ անոր վրայ պիտի աւելցնէ այն հարուածները, որոնք այս գրքին մէջ գրուած են Եւ եթէ մէկը այս մարգարէութեան գրքին խօսքերէն բան մը պակսեցնէ, Աստուած ալ անոր բաժինը պիտի պակսեցնէ կենաց գրքէն եւ սուրբ քաղաքէն՝ որ այս գրքին մէջ գրուած են։ Այս բաներուն վկայութիւն տուողը կ’ըսէ. «Այո՛, շուտով կու գամ ես»։ Ամէ՛ն, եկո՛ւր, Տէր Յիսուս։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէ՛ն։