Այս է ազգաբանութիւնը Յիսուս Քրիստոսի, որ Դաւիթի Որդին է եւ Աբրահամի Որդին։ Աբրահամ ծնաւ Իսահակը, Իսահակ՝ Յակոբը, Յակոբ՝ Յուդան եւ անոր եղբայրները, Յուդա իր Թամար կնոջմէն՝ Ֆարէսն ու Զարան, Ֆարէս ծնաւ Եզրոնը, Եզրոն՝ Արամը, Արամ՝ Ամինադաբը, Ամինադաբ՝ Նաասոնը, Նաասոն՝ Սալմոնը, Սալմոն իր Ռախաբ կնոջմէն ծնաւ Բոոսը, Բոոս իր Հռութ կնոջմէն՝ Օբէդը, Օբէդ՝ Յեսսէն, Յեսսէ՝ Դաւիթ թագաւորը։ Դաւիթ թագաւոր ծնաւ Սողոմոնը Ուրիայի կնոջմէն, Սողոմոն ծնաւ Րոբոամը, Րոբոամ՝ Աբիան, Աբիա՝ Ասաֆը, Ասաֆ՝ Եոսաֆատը, Եոսաֆատ՝ Եորամը, Եորամ՝ Ոզիան, Ոզիա՝ Եոաթամը, Եոաթամ՝ Աքազը, Աքազ՝ Եզեկիան, Եզեկիա՝ Մանասէն, Մանասէ՝ Ամոսը, Ամոս՝ Եոսիան, Եոսիա՝ Եքոնիան եւ անոր եղբայրները, Բաբելոնեան գերութեան շրջանին։ Բաբելոնեան գերութենէն ետք Եքոնիա ծնաւ Սալաթիէլը, Սալաթիէլ՝ Զօրաբաբէլը, Զօրաբաբէլ՝ Աբիուդը, Աբիուդ՝ Եղիակիմը, Եղիակիմ՝ Ազորը, Ազոր՝ Սադոկը, Սադոկ՝ Աքինը, Աքին՝ Ելիուդը, Ելիուդ՝ Եղիազարը, Եղիազար՝ Մատթանը, Մատթան՝ Յակոբը, Յակոբ ծնաւ Յովսէփը, որ Մարիամի նշանածն էր, եւ Մարիամէն ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս։ Արդ, Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ կայ տասնըչորս սերունդ, Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնեան գերութիւն՝ տասնչորս սերունդ եւ բաբելոնեան գերութենէն մինչեւ Քրիստոս՝ տասնըչորս սերունդ։ Այսպէս պատահեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը։ Իր մայրը՝ Մարիամ, նշանուած էր Յովսէփի հետ, սակայն նախ քան ամուսնութիւնը Մարիամ յղի մնաց Սուրբ Հոգիէն։ Յովսէփ՝ անոր նշանածը, արդար մարդ մը ըլլալուն՝ չուզեց հանրութեան առջեւ խայտառակել զայն, այլ խորհեցաւ լռելեայն ետ ընել իրենց նշանախօսութիւնը։ Մինչ այս մասին կը մտածէր, ահա Տիրոջ Հրեշտակը երազի մը մէջ երեւցաւ իրեն եւ ըսաւ. – Յովսէ՛փ, Դաւիթի՛ որդի, մի՛ վախնար ամուսնանալու նշանածիդ՝ Մարիամի հետ, որովհետեւ իր մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է։ Որդի մը պիտի ծնի եւ զայն պիտի կոչես Յիսուս, որովհետեւ անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ։ Այս բոլորը պատահեցան, որպէսզի կատարուի այն ինչ որ Տէրը ըսաւ Եսայի մարգարէին միջոցաւ.– «Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի, եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ», որ կը նշանակէ՝ Աստուած մեզի հետ։ Երբ Յովսէփ արթնցաւ, կատարեց ինչ որ Տիրոջ հրեշտակը հրամայեց իրեն եւ ամուսնացաւ իր նշանածին՝ Մարիամի հետ. բայց չյարաբերեցաւ անոր հետ, մինչեւ որ իր անդրանիկ զաւակը ծնաւ, եւ զայն Յիսուս կոչեց։ Հերովդէս թագաւորի օրերուն էր, որ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ։ Եւ ահա արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ եւ հարցուցին. – Ո՞ւր է Հրեաներու նորածին թագաւորը. մենք տեսանք անոր աստղը արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու իրեն։ Երբ Հերովդէս թագաւոր լսեց ասիկա՝ վրդովեցաւ, եւ իրեն հետ՝ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները։ Կանչեց ժողովուրդի բոլոր աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները եւ հարցուց անոնց, թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը ։ Անոնք պատասխանեցին. – Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ, որովհետեւ Միքիա մարգարէն այսպէս գրած է.– «Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի քաղաք, հռչակով նուազ չես Յուդայի միւս քաղաքներէն. որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ իշխան մը, որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը»։ Այն ատեն Հերովդէս գաղտնաբար իր մօտ կանչեց մոգերը եւ անոնցմէ ստուգեց աստղին երեւելուն ժամանակը։ Ապա զանոնք Բեթլեհէմ ղրկեց, պատուիրելով. – Գացէք եւ ստոյգ տեղեկութիւններ քաղելով գտէ՛ք երեխան, եւ երբ գտնէք՝ ինծի իմացուցէք, որպէսզի ե՛ս ալ գամ եւ երկրպագեմ իրեն։ – Թագաւորին այս հրահանգը լսելէ ետք, մոգերը մեկնեցան։ Անոնք չափազանց ուրախացան, երբ կրկին տեսան այն աստղը, որ արեւելքի մէջ տեսեր էին. եւ ահա աստղը առաջնորդեց զիրենք մինչեւ որ եկաւ ու կեցաւ այն վայրին վրայ ուր երեխան կը գտնուէր։ Երբ տուն մտան, տեսան երեխան իր մօրը՝ Մարիամի հետ, եւ մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագեցին մանուկին։ Ապա բացին իրենց արկղերը եւ Յիսուսի ընծայեցին իրենց նուէրները՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս ։ Յետոյ ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը, առանց Հերովդէսի հանդիպելու, ինչպէս որ Աստուած երազի մը մէջ հրահանգեց իրենց։ Երբ մոգերը Բեթլեհէմէն մեկնեցան, Տիրոջ հրեշտակը Յովսէփի երեւցաւ երազի մը մէջ եւ ըսաւ. – Ե՛լ, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը եւ փախիր Եգիպտոս. հո՛ն մնա մինչեւ որ ըսեմ քեզի, որովհետեւ Հերովդէս կը փնտռէ մանուկը՝ զայն սպաննելու համար։ Յովսէփ արթնցաւ, գիշերով առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ գնաց Եգիպտոս, Շուր մնաց մինչեւ Հերովդէսի մահը։ Այս ձեւով իրականացաւ Տիրոջ խօսքը, Ովսիա մարգարէի բերնով ըսուած. «Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս»։ Իսկ Հերովդէս, երբ տեսաւ որ մոգերը զինք խաղի բերին, սաստիկ զայրացաւ եւ մարդիկ ղրկեց, որպէսզի սպաննեն Բեթլեհէմի մէջ եւ անոր շրջակայքը գտնուող բոլոր երեխաները, որոնք երկու տարեկան եւ կամ աւելի փոքր էին, նկատի առնելով Յիսուսի ծննդեան ժամանակը, որ ստուգած էր մոգերէն։ Այսպէս իրականացաւ այն՝ ինչ որ Տէրը Երեմիա մարգարէին բերնով կ՚ըսէ.– «Գոյժ մը լսուեցաւ Ռամայի մէջ, ողբ, հեծեծանք եւ լացուկոծ դառնագին. Ռաքէլ իր զաւակներուն համար կու լար եւ մխիթարուիլ չէր ուզեր, քանի այլեւս անոնք չկային»։ Հերովդէսի մահէն ետք, ահա Տիրոջ հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ Յովսէփի երեւցաւ երազի մը մէջ եւ ըսաւ. – Ե՛լ, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը եւ վերադարձիր Իսրայէլի երկիրը, որովհետեւ մանուկը սպաննել ուզողները մեռան։ Յովսէփ ելաւ, առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ վերադարձաւ Իսրայէլի երկիրը։ Սակայն երբ լսեց որ Արքեղայոսը թագաւորած է Հրէաստանի վրայ՝ իր հօրը Հերովդէսի տեղ, հոն երթալու վախցաւ։ Փոխարէնը, երազի մը մէջ իրեն հրամայուածին համաձայն՝ գնաց Գալիլեայի կողմերը եւ եկաւ բնակեցաւ Նազարէթ քաղաքին մէջ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը կ՚ըսէ մարգարէներուն միջոցաւ, թէ Նազովրեցի պիտի կոչուի։ Այդ օրերուն Յովհաննէս Մկրտիչ սկսաւ քարոզել Հրէաստանի անապատին մէջ, ըսելով. – Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը մօտեցած է։ Այս Յովհաննէսն էր այն անձը, որուն համար Եսայի մարգարէ խօսեր էր, ըսելով.– «Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ՚ըսէ.– 2 Տիրոջ ճամբան պատրաստեցէք, հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները»։ Յովհաննէս ուղտի մազէ շինուած հագուստ մը ունէր եւ մէջքին՝ կաշիէ գօտի։ Իր կերակուրը մարախ եւ վայրի մեղր էր։ Երուսաղէմէն, ամբողջ Հրէաստանէն եւ Յորդանան գետի բոլոր շրջաններէն մարդիկ իրեն կ՚երթային եւ իրենց մեղքերը խոստովանելով, անոր ձեռքով կը մկրտուէին Յորդանան գետին մէջ։ Երբ Յովհաննէս տեսաւ շատ մը Սադուկեցիներ եւ Փարիսեցիներ, որոնք իրմէ մկրտուելու եկած էին, ըսաւ անոնց. – Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ ըսաւ ձեզի թէ կրնաք Աստուծոյ տալիք պատիժէն փախչիլ։ Ասկէ ետք՝ գործո՛վ ցոյց տուէք թէ ապաշխարած էք։ Դուք ձեզի մի՛ խորհիք թէ կրնաք պատիժէն ազատիլ, ըսելով. «Մենք Աբրահամի որդիներ ենք»։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ Աստուած այս քարերէն ալ կրնայ Աբրահամի որդիներ հանել։ Կացինը արդէն իսկ պատրաստ է ծառերը իրենց արմատներէն կտրելու։ Այն ծառը որ բարի պտուղ չի տար, պիտի կտրուի եւ կրակ նետուի։ Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան իբրեւ նշան, բայց ան որ ինձմէ ետք կու գայ, անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ։ Անիկա ինձմէ աւելի հզօր է, եւ ես անոր կօշիկները կրելու իսկ արժանի չեմ։ Հեծանոցը իր ձեռքին, ան պիտի մաքրէ իր կալը, ցորենը հաւաքէ շտեմարանին մէջ, իսկ յարդը այրէ անշէջ կրակով։ Այդ օրերուն Յիսուս Գալիլեայէն Յորդանան գետ եկաւ Յովհաննէսի մօտ՝ անկէ մկրտուելու համար։ Բայց Յովհաննէս ընդդիմացաւ անոր, ըսելով. – Ե՛ս պէտք ունիմ քեզմէ մկրտուելու, եւ դո՞ւն ինծի կու գաս։ Յիսուս պատասխանեց. – Հիմա թո՛յլ տուր որ այսպէս ըլլայ, որովհետեւ այսպիսով կատարած պիտի ըլլանք Աստուծոյ արդար կամքը։ Եւ Յովհաննէս թոյլ տուաւ։ Յիսուս մկրտուելէ ետք՝ անմիջապէս ջուրէն դուրս ելաւ։ Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ, եւ տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի նման կ՚իջնէր եւ կու գար իր վրայ։ Եւ ահա երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր. – Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ։ Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար։ Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցնելէ ետք՝ անօթեցաւ։ Այն ատեն փորձիչը՝ Սատանան, մօտեցաւ իրեն եւ ըսաւ. – Եթէ Աստուծոյ Որդի ես, ըսէ՛ որ այս քարերը հաց դառնան։ Յիսուս պատասխանեց. – Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է»։ Ապա Սատանան տարաւ Յիսուսը Սուրբ Քաղաքը՝ Երուսաղէմ, եւ զայն կանգնեցնելով տաճարի աշտարակներէն մէկուն վրայ, ըսաւ անոր. – Եթէ Աստուծոյ Որդի ես, դուն քեզ հոսկէ վար նետէ. քանի Սաղմոսներուն մէջ գրուած է. «Աստուած իր հրեշ տակներուն պիտի պատուիրէ քեզի համար, եւ քեզ իրենց ձեռքերուն վրայ պիտի վերցնեն, որպէսզի ոտքդ քարի չզարնուի»։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Դարձեալ, Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»։ Յետոյ Սատանան կրկին առաւ տարաւ Յիսուսը շատ բարձր լեռ մը եւ անոր ցոյց տալով աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները եւ անոնց փառքը, ըսաւ. – Այս բոլորը քեզի՛ կու տամ, եթէ երկրպագելով՝ պաշտես զիս։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. – Ետի՛ս գնա, Սատանա՛յ, որովհետեւ Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն անո՛ր ծառայես»։ Այն ատեն Սատանան ձգեց զինք ու հեռացաւ. եւ ահա հրեշտակները մօտեցան եւ կը ծառայէին Յիսուսի։ Երբ Յիսուս լսեց թէ Յովհաննէս բանտարկուեցաւ, մեկնեցաւ գնաց Գալիլեա, եւ ձգելով Նազարէթը, եկաւ բնակեցաւ լիճին եզերքը գտնուող Կափառնաում քաղաքը, Զաբուղոնի եւ Նեփթաղիմի սահմաններուն մէջ։ Այսպիսով իրականացաւ այն՝ ինչ որ Տէրը կ՚ըսէ Եսայի մարգարէին բերնով.– «Ո՛վ երկիր Զաբուղոնի, ո՛վ երկիր Նեփթաղիմի, ճամբայ՝ որ ծովէն Յորդանան գետ կը տանի. դո՛ւն, Գալիլեա՛, հեթանոսներու երկիր։ Այն ժողովուրդը որ խաւարի մէջ կ՚ապրէր, մեծ լոյս մը տեսաւ. եւ մահուան աշխարհին ու շուքին մէջ ապրողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ»։ Եւ այդ օրէն Յիսուս սկսաւ քարոզել, ըսելով. – Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը մօտեցած է։ Մինչ Յիսուս Գալիլեայի լիճին եզերքը կը շրջէր, տեսաւ երկու եղբայրներ, որոնք ձկնորս էին. Սիմոնը՝ որ Պետրոս կը կոչուէր եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, որոնք ուռկանը ջուրը կը նետէին ձուկ որսալու համար։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Հետեւեցէ՛ք ինծի եւ ես ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ։ Անոնք անմիջապէս ձգեցին ուռկանները եւ հետեւե ցան Յիսուսի։ Քիչ մը առաջ երթալով, Յիսուս ուրիշ երկու եղբայրներ ալ տեսաւ, Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսը եւ անոր եղբայրը Յովհաննէսը, որոնք իրենց հօրը՝ Զեբեդէոսի հետ նաւակին մէջ էին եւ իրենց ուռկանները կարգի կը դնէին։ Զանոնք ալ կանչեց։ Անոնք անմիջապէս ձգեցին նաւակն ու իրենց հայրը եւ հետեւեցան Յիսուսի։ Յիսուս Գալիլեայի բոլոր կողմերը շրջելով՝ ժողովարաններուն մէջ կ՚ուսուցանէր, Աստուծոյ արքայութեան Աւետարանը կը քարոզէր եւ ժողովուրդը կը բժշկէր բոլոր ցաւերէն ու հիւանդութիւններէն։ Իր համբաւը ամբողջ Սուրիայի մէջ տարածուեցաւ։ Մարդիկ իրեն բերին բոլոր այն հիւանդները, որոնք կը տառապէին զանազան ցաւերէ եւ բարդութիւններէ, ինչպէս նաեւ դիւահարներ, լուսնոտներ, անդամալոյծներ, եւ Յիսուս բժշկեց զանոնք։ Մեծ բազմութիւններ, որոնք եկած էին Գալիլեայէն, Դեկապոլիսէն, Երուսաղէմէն, Հրէաստանէն եւ անդր Յորդանանէն, հետեւեցան իրեն։ Յիսուս բազմութիւնը տեսնելով լեռ ելաւ եւ հոն նստաւ։ Իր աշակերտները հաւաքուեցան իր շուրջ, եւ ինք սկսաւ անոնց սորվեցնել, ըսելով. Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը։ Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ մխիթարութիւն պիտի գտնեն։ Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։ Երանի՜ անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան։ Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն։ Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն։ Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՚աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։ Երանի՜ անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը։ Երանի՜ ձեզի, երբ մարդիկ նախատեն եւ հալածեն ձեզ, կամ ստելով՝ ձեր մասին ամէն տեսակի զրպարտութիւն ընեն իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար։ Ցնծացէք եւ ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ։ Յիշեցէք որ նոյն ձեւով հալածանքի ենթարկուեցան ձեզմէ առաջ ապրող մարգարէներն ալ։ Դուք էք երկրի աղը։ Բայց եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի աղեն զայն։ Այլեւս ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ, հապա զայն կը թափեն, եւ մարդոց ոտքի կոխան կը դառնայ։ Դուք էք աշխարհի լոյսը։ Լերան վրայ շինուած քաղաք մը չի կրնար պահուըտիլ։ ԽՔ 6 Շ Ոչ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը պահէ կաթսայի տակ. ընդհակառակը, զայն աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի տունին մէջ գտնուողներուն լոյս տայ։ Նոյնպէս ալ, ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փա ռաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է – Մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու։ Հաստատ գիտցէք, որ բոլոր Օրէնքն ու մարգարէութիւնները կէտ առ կէտ պիտի իրականանան՝ առանց բառ մը իսկ դուրս ձգելու, մինչեւ գայ այն օրը, երբ այս երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին։ Ով որ ամենափոքր պատուիրանն իսկ զանց ընէ եւ ուրիշներուն ալ այդպէս սորվեցնէ, երկինքի արքայութեան մէջ յետինը պիտի նկատուի։ Իսկ ով որ գործադրէ պատուիրանները եւ ուսուցանէ, մեծ պիտի ըլլայ երկինքի արքայութեան մէջ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնը Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ունեցած հաւատարմութենէն աւելի չըլլայ՝ պիտի չմտնէք երկինքի արքայութիւնը։ Լսեր էք որ անցեալին ըսուած է. «Մի՛ սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի» ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.– Ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի։ Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի։ Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ։ Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս։ Վս տահ եղիր թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես։ Լսեր էք որ ըսուած է. «Մի՛ շնար»։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ անոր հետ։ Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս։ Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս։ – Ըսուած է նաեւ. «Ով որ իր կինը կ՚արձակէ, անոր արձակման թուղթ թող տայ» ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.– Ան որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը կ՚արձակէ, ինք պատճառ կը դառնայ անոր շնութիւն ընելուն։ Նոյնպէս, շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ ան՝ որ կ՚ամուսնանայ արձակուած կնոջ հետ։ – Լսեր էք նաեւ որ անցեալին ըսուած է. «Երդմնազանց մի՛ ըլլար, այլ կատարէ ինչ որ երդուած էիր Տիրոջ » ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.– Բնաւ երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որովհետեւ Աստուծոյ գահն է, ո՛չ երկրի վրայ՝ որովհետեւ անոր ոտքին պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որովհետեւ Մեծ Թագաւորին՝ Աստուծոյ քաղաքն է, եւ ո՛չ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ըրէ, որովհետեւ չես կրնար մազ մը իսկ ճերմկցնել կամ սեւցնել։ Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ոչ։ Անկէ աւելին չարէն կու գայ։ – Լսեր էք որ ըսուած է. «Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ» ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.– Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր։ Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր։ Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա։ Եթէ մէկը քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տուր, եւ եթէ մէկը քեզմէ բան մը փոխ առնել ուզէ՝ երես մի՛ դարձներ։ – Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է. «Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ» ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.– Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն։ Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ։ Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել։ Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք։ Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ։ Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է։ Զգո՜ յշ, Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր երկնաւոր Հօրմէն։ Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ։ Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձա տրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ։ Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս։ Նմանապէս, երբ կ՚աղօթես՝ կեղծաւորներուն մի՛ նմանիր, որոնք կը սիրեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու անկիւնները կեցած աղօթել, որպէսզի մարդիկ իրենց աղօթելը տեսնեն։ Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Դուն երբ կ՚աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ։ Եւ Հայրդ որ անտեսանելի է ու կը տեսնէ կատարածդ, քեզի պիտի հատուցանէ յայտնապէս։ Տակաւին, երբ կ՚աղօթէք, մի՛ շատախօսէք հեթանոսներուն նման, որոնք կը կարծեն որ եթէ շատ խնդրեն՝ լսելի պիտի դառնան։ Արդ, մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ինչ որ պէտք է ձեզի, նոյնիսկ երբ տակաւին իրմէ խնդրած չէք։ Ուրեմն այսպէս աղօթեցէք.– Հայր մեր երկնաւոր, սրբաբանուի՛ անունդ. թող գայ արքայութիւնդ, թող կատարուի քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ այնպէս ալ երկրի վրայ։ Ամենօրեայ մեր հացը այսօր եւս մեզի տուր։ Ներէ՛ մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են։ Եւ թոյլ մի՛ տար Խոր փորձութեան մէջ իյնանք. այլ մեզ չարէն ազատէ՛։ Որովհետեւ քուկդ են միշտ արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը. ամէն։ Որովհետեւ եթէ մարդոց ներէք իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի։ Իսկ եթէ մարդոց չներէք իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեր յանցանքները։ Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան թէ ծոմ կը պահեն։ Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս։ Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն։ Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ։ Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը։ Աչքն է մարմնին ճրագը. երբ աչքդ առողջ է՝ ամբողջ մարմինդ լուսաւոր կ՚ըլլայ, իսկ երբ աչքդ վատառողջ է՝ ամբողջ մարմինդ խաւար կ՚ըլլայ։ Արդ, եթէ մէջդ եղող լոյսը խաւար է, որքա՜ ն աւելի մթին է այդ խաւարը։ Ոեւէ մարդ չի կրնար երկու տէրերու ծառայել. որովհետեւ կա՛մ մէկը պիտի սիրէ եւ միւսը ատէ, կա՛մ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ։ Նոյնպէս ալ դուք, չէք կրնար Աստուծոյ ծառայել, որքան ատեն որ կը ծառայէք դրամին։ Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմնին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։ Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն, եւ սակայն ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք։ Չէ՞ որ դուք Աստուծոյ աչքին թռչուններէն գերազանց էք։ Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ Կամ, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար։ Օրինակ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն։ Հաւատացէ՛ք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ։ Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր։ Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։ Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։ Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է։ Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չա փանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար։ Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չես անդրադառնար թէ աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կամ, ի՞նչպէս եղբօրդ կ՚ըսես. «Ձգէ որ աչքիդ մէջ եղած շիւղը հանեմ», երբ որ գերան ունիս աչքիդ մէջ։ Կեղծաւո՛ր, նախ աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որ կարենաս յստակ տեսնել եւ ա՛պա միայն եղբօրդ աչքին շիւղը հանել։ Ոեւէ սրբութիւն շուներուն մի՛ տաք, ձեր մարգարիտներն ալ խոզերուն առջեւ մի՛ նետէք, որպէսզի չըլլայ թէ զանոնք կոխկռտեն եւ դառնան ձեր վրայ յարձակին։ Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Որովհետեւ խնդրողը պիտի ստանայ, փնտռողը պիտի գտնէ եւ բաղխողին առջեւ դուռը պիտի բացուի։ Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը հաց ուզէ եւ ինք քար տայ անոր, եւ կամ օձ տայ՝ երբ զաւակը ձուկ խնդրէ։ Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ ն աւելի լաւ պարգեւներ պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն։ Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նոյնը ըրէք դուք անոնց. այս սկզբունքը իր մէջ կը խտացնէ Օրէնքն ու մարգարէներու ուսուցումները։ Մտէք նեղ դռնէն, քանի կորուստի տանող դուռը լայն է եւ ճամբան՝ ընդարձակ, եւ շատեր կը մտնեն անկէ։ Մինչ դէպի կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին, եւ քիչեր միայն կը գտնեն զայն։ Զգուշացէք սուտ մարգարէներէն, որոնք ոչխարի կերպարանքով կը մօտենան ձեզի, մինչ ներքնապէս յափշտակիչ գայլեր են։ Իրենց գործերէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշէն խաղող կը քաղե՞ն կամ տատասկէն՝ թուզ։ Լաւ ծառը լաւ պտուղ կու տայ, իսկ գէշ ծառը՝ գէշ պտուղ։ Լաւ ծառը գէշ պտուղ չի կրնար տալ եւ ոչ ալ գէշ ծառը՝ լաւ պտուղ։ Այն ծառը որ լաւ պտուղ չի տար, կը կտրուի եւ կրակը կը նետուի։ Ուրեմն իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ – Չկարծէք թէ ով որ ինծի « Տէ՛ր, Տէ՜ ր» կ՚ըսէ, երկինքի արքայութիւնը պիտի մտնէ. այլ պիտի մտնէ միայն անիկա, որ երկինքի մէջ գտնուող իմ Հօրս կամքը կը կատարէ։ Երբ այդ օրը գայ, շատեր պիտի ըսեն ինծի. «Տէ՛ր, Տէ՜ ր, չէ՞ որ քու անունովդ Աստուծոյ պատգամները փոխանցեցինք, քու անունովդ չար ոգիներ դուրս հանեցինք եւ քու անունովդ բազմաթիւ հրաշքներ գործեցինք»։ Այն ատեն պիտի յայտարարեմ անոնց. «Բնա՛ւ ձեզ չեմ ճանչնար։ Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ, որ չարիք կը գործէիք»։ Ուրեմն, ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանի այն իմաստուն մարդուն, որ իր տունը ժայռի վրայ կը շինէ։ Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է։ Իսկ ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ բայց չի գործադրեր զանոնք, պիտի նմանի այն յիմար մարդուն, որ իր տունը աւազի վրայ կը շինէ։ Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, եւ տունը կը կործանի։ Եւ ի՜ նչ ահաւոր կ՚ըլլայ այդ տան կործանումը։ Երբ Յիսուս վերջացուց այս խօսքերը, ժողովուրդը կը հիանար անոր ուսուցման վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կ՚ուսուցանէր եւ ո՛չ թէ Օրէնքի ուսուցիչներուն պէս։ Երբ Յիսուս լեռնէն վար իջաւ, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն։ Եւ ահա բորոտ մը իրեն մօտենալով՝ ծունկի եկաւ եւ ըսաւ. – Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել։ Յիսուս ձեռքը երկարեց, դպաւ անոր եւ ըսաւ. – Կ՚ուզեմ, մաքրուէ՛։ Եւ անմիջապէս անոր բորոտութիւնը մաքրուեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Նայէ՛, ոեւէ մէկուն բան չըսես. այլ գնա եւ դուն քեզ քահանային ցոյց տուր։ Ապա, իբրեւ ժողովուրդին վկայութիւն՝ թէ բորոտութենէդ մաքրուած ես՝ զոհդ մատուցանէ, ինչպէս որ Մովսէս հրամայած է։ Երբ Յիսուս Կափառնաում մտաւ, իրեն մօտեցաւ Հռոմայեցի հարիւրապետ մը, որ կ՚աղաչէր ըսելով. – Տէ՛ր, ծառաս տունը անդամալոյծ վիճակի մէջ է եւ սաստիկ կը տառապի։ Յիսուս ըսաւ. – Ես կու գամ ու կը բժշկեմ զայն։ Հարիւրապետը պատասխանեց. – Տէ՛ր, ես արժանի չեմ քեզ իմ յարկիս տակ ընդունելու. միայն բան մը ըսէ, եւ ծառաս պիտի առողջանայ։ Որովհետեւ ես ալ, որպէս իշխանութեան ենթակայ մարդ, ձեռքիս տակ զինուորներ ունիմ. մէկուն կ՚ըսեմ՝ «Գնա՛», եւ կ՚երթայ, ուրիշի մը կ՚ըսեմ՝ «Եկո՛ւր», եւ կու գայ. ծառայիս կ՚ըսեմ՝ «Այս բանը ըրէ», եւ կը կատարէ։ Յիսուս երբ լսեց, հիացաւ եւ իր հետեւորդներուն ըսաւ. – Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ այսպիսի հաւատք ունեցող մը չգտայ։ Գիտցէք նաեւ, թէ շատեր արեւելքէն ու արեւմուտքէն պիտի գան եւ երկինքի արքայութեան մէջ սեղան պիտի բազմին Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հետ, իսկ անոնք որոնք երկինքի արքայութեան ժառանգորդները պէտք էր ըլլային՝ դուրսը խաւարին մէջ պիտի նետուին, ուր պիտի լան եւ ակռաները կրճտեն։ Յետոյ Յիսուս հարիւրապետին ըսաւ. – Գնա՛, ինչպէս որ հաւատացիր՝ այդպէս թող ըլլայ քեզի։ Եւ նոյն վայրկեանին հարիւրապետին ծառան բժշկուեցաւ։ Ապա Յիսուս եկաւ Պետրոսի տունը, եւ տեսաւ որ անոր զոքանչը հիւանդ պառկած էր՝ տաքութեան պատճառով։ Յիսուս բռնեց անոր ձեռքէն, եւ տաքութիւնը անցաւ։ Անիկա ոտքի ելլելով սկսաւ սպասարկել իրեն։ Երբ երեկոյ եղաւ, Յիսուսի բերին բազմաթիւ դիւահարներ ։ Յիսուս իր խօսքով չար ոգիները դուրս հանեց եւ բոլոր հիւանդները բժշկեց, որպէսզի իրականանայ Եսայի մարգարէի բերնով ըսուածը. «Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը փարատեց»։ Երբ Յիսուս մեծ բազմութիւն մը տեսաւ իր շուրջ, հրամայեց իր աշակերտներուն, որ լիճին միւս կողմը երթան։ Օրէնքի ուսուցիչ մը մօտենալով՝ ըսաւ իրեն. – Վարդապե՛տ, ուր որ երթաս՝ ետեւէդ պիտի գամ։ Յիսուս պատասխանեց. – Աղուէսները որջ ունին, երկինքի թռչունները՝ բոյն, սակայն Մարդու Որդին գլուխը հանգչեցնելիք տեղ մը չունի։ Ուրիշ մը, որ իր աշակերտներէն մէկն էր, ըսաւ իրեն. – Տէ՛ր, թոյլ տուր որ նախ երթամ եւ թաղեմ հայրս։ Յիսուս պատասխանեց. – Դուն հետեւէ՛ ինծի, եւ ձգէ որ մեռելները թաղեն իրենց մեռելները։ Ապա Յիսուս նաւակ մտաւ, եւ իր աշակերտները հետեւեցան իրեն։ Յանկարծ զօրաւոր փոթորիկ մը ելաւ լիճին վրայ, այնքան՝ որ ալիքները գրեթէ նաւակը կը ծածկէին։ Բայց Յիսուս կը քնանար։ Աշակերտները մօտեցան, արթնցուցին զինք ու ըսին. – Տէ՜ ր, ազատէ՛ մեզ, ահա կը կորսուինք։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ինչո՞ւ այդքան կը վախնաք, թերահաւատնե՛ր։ Յետոյ ոտքի ելաւ, սաստեց հովերը եւ լիճը, եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց։ Ամէնքն ալ հիացած կ՚ըսէին. – Ի՜ նչ տեսակ մարդ է ասիկա, որովհետեւ նոյնիսկ հովերն ու ծովը իրեն կը հնազանդին։ Յիսուս երբ լիճին միւս կողմը՝ Գերգեսացիներու երկիրը եկաւ, դէմը ելան երկու դիւահարներ, որոնք ժայռափոր գերեզմաններէն եկած էին։ Ասոնք այնքան կատաղի էին, որ ոեւէ մէկը այդ ճամբայէն չէր համարձակեր անցնիլ։ Անոնք աղաղակեցին՝ ըսելով. – Ի՞նչ կ՚ուզես մեզմէ, Յիսո՛ւս, Աստուծո՛յ Որդի, եկար որ ժամանակէն առաջ տանջե՞ս մեզ։ Քիչ մը հեռուն խոզերու մեծ երամակ մը կ՚արածէր։ Չար ոգիները Յիսուսի կ՚աղաղակէին ըսելով. – Եթէ մեզ դուրս պիտի հանես, թոյլ տուր որ խոզերու երամակին երթանք։ Յիսուս ըսաւ. – Գացէ՛ք։ Եւ չար ոգիները դիւահարներէն ելլելով՝ գացին խոզերուն. եւ ահա խոզերու ամբողջ երամակը զառիթափէն վար դէպի լիճ խուժեց եւ հոն խեղդուեցաւ։ Խոզարածները փախան եւ քաղաք երթալով պատմեցին եղածը, նաեւ ինչ որ պատահած էր դիւահարներուն։ Քաղաքի ամբողջ բնակիչները ընդառաջ ելան Յիսուսի եւ երբ զայն տեսան, աղաչեցին որ հեռանայ իրենց սահմաններէն։ Յիսուս նաւակ մտաւ եւ լիճին միւս կողմը անցնելով եկաւ իր քաղաքը։ Եւ ահա մարդիկ իրեն բերին անդամալոյծ մը, մահիճին մէջ պառկած։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին. – Քաջալերուէ՛, ո՛րդեակ, մեղքերդ ներուած են քեզի։ Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք իրենց մտքէն ըսին. – Այս մարդուն ըրածը հայհոյութիւն է։ Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ. – Ինչո՞ւ դուք ձեզի չար բաներ կը մտածէք։ Ո՞ր մէկը աւելի դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել եւ քալէ՛» ըսելը։ Բայց պէտք է գիտնաք թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու։ Ապա անդամալոյծին դառնալով ըսաւ. – Ե՛լ, մահիճդ ա՛ռ եւ տունդ գնա։ Անդամալոյծը ոտքի ելաւ եւ տուն գնաց։ Ժողովուրդը երբ ասիկա տեսաւ՝ զարմացաւ ու կը փառաւորէր զԱստուած, որ մարդոց այսպիսի կարողութիւն կու տայ։ Յիսուս այդտեղէն քիչ մը առաջ երթալով՝ տեսաւ մաքսաւոր մը, Մատթէոս անունով, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր. – Հետեւէ՛ ինծի։ Մատթէոս ոտքի ելաւ եւ հետեւեցաւ Յիսուսի։ Եւ մինչ անոր տան մէջ սեղան բազմած էր, շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ ալ եկան եւ նստան Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն հետ։ Երբ Փարիսեցիները տեսան ասիկա, ըսին Յիսուսի աշակերտներուն. – Ինչո՞ւ ձեր Վարդապետը մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ՚ուտէ։ Յիսուս երբ լսեց ասիկա, ըսաւ անոնց. – Առողջները չեն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ՝ հիւանդները։ Գացէք եւ սորվեցէք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. «Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ »։ Որովհետեւ չեկայ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները։ Առիթով մը Յովհաննէսի աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին. – Ինչո՞ւ մենք եւ Փարիսեցիները յաճախ ծոմ կը պահենք, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Կարելի՞ է հարսանիքի հրաւիրեալներուն ըսել որ սուգ պահեն, երբ տակաւին փեսան իրենց հետ է։ Ժամանակ պիտի գայ, երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ, եւ այն ատեն իրենք ալ ծոմ պիտի պահեն։ Ոչ ոք չլուացուած նոր կտոր մը կը գործածէ հին հագուստի մը համար կարկտան ընելու։ Որովհետեւ նոր կտորը քաշուելով՝ հագուստը կը պատռտէ, եւ աւելի մեծ կ՚ըլլայ պատռուածքը։ Նմանապէս, ոչ ոք նոր գինին հին տիկերու մէջ կը լեցնէ, այլապէս տիկերը կը պայթին, գինին կը թափի, եւ տիկերը կը փճանան։ Ընդհակառակը, նոր գինին նոր տիկերու մէջ կը դնեն եւ երկուքն ալ կը պահուին։ Մինչ Յիսուս անոնց այս ուսուցումները կ՚ընէր, Հրեայ իշխանաւոր մը մօտեցաւ եւ ծունկի գալով՝ ըսաւ անոր. – Աղջիկս նոր մեռաւ, բայց եկուր եւ ձեռքդ անոր վրայ դիր ու անիկա պիտի ողջննայ։ Յիսուս ելաւ եւ իր աշակերտներուն հետ գնաց անոր ետեւէն։ Եւ ահա կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր, Յիսուսի ետեւէն մօտեցաւ եւ դպաւ անոր հագուստի քղանցքին։ Անիկա ինքնիրեն կը խորհէր ու կ՚ըսէր. «Միայն դպնամ անոր հագուստին եւ պիտի բժշկուիմ»։ Յիսուս ետեւ դարձաւ եւ կինը տեսնելով ըսաւ. – Աղջի՛կս, քաջալերուէ՛, հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Նոյն վայրկեանին կինը բժշկուեցաւ։ Երբ Յիսուս իշխանաւորին տունը եկաւ եւ տեսաւ փողահարները եւ խռոված ամբոխը, ըսաւ անոնց. – Մէկդի՛ կեցէք, որովհետեւ աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ։ Բոլորն ալ սկսան ծաղրել զինք։ Երբ բազմութիւնը դուրս ելաւ, Յիսուս մտաւ աղջկան սենեակը, բռնեց անոր ձեռքէն, եւ աղջիկը ոտքի ելաւ։ Այս լուրը ամբողջ շրջանին մէջ տարածուեցաւ։ Եւ մինչ Յիսուս այդտեղէն կը մեկնէր, երկու կոյրեր սկսան իր ետեւէն երթալ, աղաղակելով. – Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՛ մեզի։ Երբ Յիսուս տուն մտաւ, կոյրերը մօտեցան իրեն. եւ Յիսուս հարցուց անոնց. – Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ բժշկել ձեզ։ Անոնք ըսին. – Այո՛, Տէ՛ր։ Այն ատեն Յիսուս դպաւ անոնց աչքերուն եւ ըսաւ. – Ինչպէս որ կը հաւատաք՝ թող այդպէս ըլլայ ձեզի։ Եւ անոնց աչքերը բացուեցան։ Յիսուս խստիւ պատուիրեց անոնց, ըսելով. – Զգոյշ եղէք, որ մարդ չիմանայ։ Իսկ անոնք ելան եւ Յիսուսի համբաւը տարածեցին ամբողջ շրջանին մէջ։ Կոյրերուն մեկնելէն ետք, Յիսուսի բերին համր դիւահար մը։ Յիսուս չար ոգին դուրս հանելուն պէս՝ համրը սկսաւ խօսիլ։ Բոլորն ալ հիացան եւ ըսին. – Այսպիսի բան տակաւին չէինք տեսած Իսրայէլի մէջ։ Իսկ Փարիսեցիները կ՚ըսէին. – Դեւերու իշխանին միջոցաւ է որ կը հանէ չար ոգիները։ Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, կ՚ուսուցանէր ժողովարաններուն մէջ, Աստուծոյ արքայութեան աւետիսը կու տար եւ կը բժշկէր ժողովուրդին բոլոր ախտերն ու հիւանդութիւնները։ Եւ տեսնելով ժողովուրդի բազմութիւնը, գթաց անոնց, որովհետեւ յոգնած էին եւ ցրուած՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։ Այն ատեն իր աշակերտներուն ըսաւ. – Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ։ Հետեւաբար խնդրեցէք հունձքի Տիրոջմէն, որ իր հունձքին համար մշակներ ղրկէ։ Յիսուս իր մօտ կանչեց տասներկու աշակերտները եւ անոնց իշխանութիւն տուաւ՝ պիղծ ոգիները իրենց հնազանդեցնելու եւ մարդոցմէ դուրս հանելու զանոնք, ինչպէս նաեւ բժշկելու բոլոր ցաւերն ու հիւանդութիւնները։ Տասներկու առաքեալներուն անուններն են.– Առաջին՝ Սիմոն, որ Պետրոս կոչուեցաւ, եւ եղբայրը՝ Անդրէաս, Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոս եւ եղբայրը Յովհաննէս, Փիլիպպոս եւ Բարթողոմէոս, Թովմաս եւ Մատթէոս մաքսաւոր, Ալփէոսի որդին՝ Յակոբոս, եւ Ղեբէոս, որ Թադէոս կոչուեցաւ, Սիմոն Նախանձայոյզ եւ Յուդա Իսկարիոտացի, որ մատնեց զինք։ Յիսուս այս տասներկու աշակերտները ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով. – Մի՛ երթաք հեթանոսներուն շրջանները եւ Սամարացիներուն քաղաքները մի՛ մտնէք, այլ մասնաւորաբար գացէք Իսրայէլի կորսուած ոչխարներուն։ Ու երբ կ՚երթաք, քարոզեցէք՝ թէ երկինքի արքայութիւնը մօտեցած է։ Հիւանդները բժշկեցէք, բորոտները մաքրեցէք, չար ոգիները հանեցէք։ Ձրի առիք, ձրի ալ տուէք։ Ձեր գօտիներուն մէջ ո՛չ ոսկի, ո՛չ արծաթ եւ ո՛չ ալ պղինձ դրամ ունեցէք։ Ճամբու համար ո՛չ պարկ առէք, ո՛չ աւելորդ հագուստ, ո՛չ կօշիկ եւ ո՛չ գաւազան։ Քանի աշխատողը արժանի է իր օրապահիկին։ Երբ քաղաք մը կամ գիւղ մը մտնէք, տեսէք թէ ո՛վ արժանաւոր է ձեզ ընդունելու. հոն մնացէք մինչեւ որ մեկնիք հոնկէ։ Եւ երբ տունը մտնէք, տանտիրոջ բարեւեցէք ըսելով. «Ողջոյն ձեզի»։ Եթէ տնեցիները արժանաւոր են՝ ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը անոնց վրայ թող հանգչի, իսկ եթէ արժանաւոր չեն՝ այն ատեն ձեր ողջոյնը թող վերադառնայ ձեզի։ Եւ եթէ տան մը կամ քաղաքի մը բնակիչները ձեզ չընդունին եւ ձեր խօսքը չլսեն, այդտեղէն ելլելու ատեն ձեր ոտքի փոշին թօթուեցէք։ Գիտցէք, որ Դատաստանի օրը Սոդոմի եւ Գոմորի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան թէ այդ քաղաքինը։ – Ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ ոչխարներ՝ գայլերու մէջ։ Ուստի խորագէտ եղէք օձերու պէս, եւ անմեղ՝ աղաւնիներու պէս։ Զգո՛յշ եղէք, որովհետեւ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք ձեզ դատարան պիտի տանին եւ իրենց ժողովարաններուն մէջ ծեծեն։ Իմ պատճառովս ձեզ կառավարիչներու եւ թագաւորներու դիմաց պիտի հանեն, որպէսզի անոնց եւ բոլոր ազգերուն իմ մասիս վկայութիւն տաք։ Արդ, երբ ձեզ դատելու տանին, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչ պիտի ըսէք եւ ի՛նչպէս. որովհետեւ ինչ որ պիտի ըսէք՝ այդ ժամուն պիտի տրուի ձեզի, քանի խօսողը դուք պիտի չըլլաք, այլ ձեր Հօրը Հոգին պիտի խօսի ձեր միջոցաւ։ Եղբայրը իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ, հայրը՝ իր զաւակը։ Զաւակներ իրենց ծնողներուն դէմ պիտի ելլեն եւ սպաննեն զանոնք։ Ամէն մարդ ձեզ պիտի ատէ իմ պատճառովս։ Բայց ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ, անիկա պիտի փրկուի։ Եւ երբ հալածեն ձեզ քաղաքի մը մէջ, ուրիշ քաղաք մը փախէք, եւ եթէ հոնկէ ալ հալածեն՝ փախէք այլ քաղաք մը։ Վստահ գիտցէք, որ պիտի չկրնաք վերջացնել Իսրայէլի քաղաքները՝ Մարդու Որդիին գալուստէն առաջ։ Աշակերտը իր ուսուցիչէն գերիվեր չէ, ոչ ալ ծառան՝ իր տիրոջմէն։ Հերիք է աշակերտին, որ իր ուսուցիչին պէս ըլլայ, եւ ծառային՝ իր տիրոջ պէս։ Եթէ տանտէրը Բէեղզեբուղ կոչեցին, հարկաւ նոյնը աւելիով պիտի ըսեն անոր ընտանիքի անդամներուն։ Հետեւաբար անոնցմէ մի՛ վախնաք։ Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան որ չգիտցուի։ Ինչ որ մութին մէջ կ՚ըսեմ ձեզի՝ օր ցերեկով յայտարարեցէք, եւ ինչ որ ձեզի առանձնութեան մէջ կ՚ըսեմ՝ տանիքներէն բարձրաձայն քարոզեցէք։ Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել։ Բայց դուք վախցէք մանաւանդ անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ՛ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ։ Երկու ճնճղուկը հինգ դահեկան չ՚ա՞րժեր. եւ սակայն անոնցմէ մէկն իսկ գետին չ՚իյնար առանց ձեր Հօրը գիտութեան։ Գալով ձեզի, ձեր գլխուն իւրաքանչիւր մազն իսկ համրուած է։ Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին։ Ով որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ ինծի կը հետեւի, ես ալ զայն ինծի հետեւորդ պիտի դաւանիմ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է։ Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, նոյնպէս ալ ես զինք պիտի ուրանամ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է։ – Մի՛ կարծէք թէ աշխարհին խաղաղութիւն բերելու եկայ։ Ո՛չ. չեկայ խաղաղութիւն բերելու, այլ՝ սուր։ Քանի եկայ զաւակը հօրմէն բաժնելու, աղջիկը՝ մօրմէն, հարսը՝ կեսուրէն։ «Մարդուս թշնամիները իր ընտանիքի անդամները պիտի ըլլան»։ Ով որ իր հայրն ու մայրը աւելի կը սիրէ քան զիս՝ արժանի չէ ինծի։ Եւ ով որ իր տղան կամ աղջիկը աւելի կը սիրէ քան զիս՝ արժանի չէ ինծի։ Ան որ իր խաչը չ՚առներ եւ ինծի չի հետեւիր, արժանի չէ ինծի։ Ով որ իր կեանքը իրեն կը պահէ՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ իր կեանքը կը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի գտնէ զայն։ – Ան որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ զիս ղրկողը ընդունած կ՚ըլլայ։ Ով որ մարգարէ մը կ՚ընդունի մարգարէ ըլլալուն համար՝ մարգարէի յատուկ վարձատրութիւն պիտի ստանայ, եւ ան որ արդար մը կ՚ընդունի արդար ըլլալուն համար՝ արդարի վարձատրութիւն պիտի ստանայ։ Եւ ով որ այս փոքրիկներէն մէկուն նոյնիսկ գաւաթ մը պաղ ջուր կու տայ խմելու՝ իմ աշակերտս ըլլալուն համար, վստահ եղէք որ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ։ Յիսուս այս պատուէրները իր տասներկու աշակերտներուն տալէ ետք մեկնեցաւ հոնկէ՝ քարոզելու եւ ուսուցանելու համար շրջակայ քաղաքներուն մէջ։ Երբ Յովհաննէս բանտին մէջ լսեց Քրիստոսի կատարած գործերուն մասին, իր աշակերտներէն ոմանք ղրկեց Յիսուսի, հարցնելու համար. – Դո՞ւն ես ան որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք։ Յիսուս պատասխանեց. – Գացէք եւ Յովհաննէսի պատմեցէք ինչ որ կը լսէք ու կը տեսնէք. ահա կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, եւ Աւետարանը աղքատներուն կը քարոզուի։ Երանի՜ անոր որ իմ պատճառովս իր հաւատքը չի կորսնցներ։ Երբ Յովհաննէսի աշակերտները մեկնեցան, Յիսուս սկսաւ Յովհաննէսի մասին խօսիլ ժողովուրդին, ըսելով. – Ի՞նչ տեսնելու գացիք անապատ։ Հովէն շարժող եղէ՞գ մը։ Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք։ Փառաւոր զգեստներ հագած մա՞րդ մը։ Բայց անոնք որ փառաւոր զգեստ կը հագնին՝ թագաւորական պալատներու մէջ են։ Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք։ Մարգարէ՞ մը։ Այո՛, վստահ եղէք, նոյնիսկ աւելի քան մարգարէ մը։ Որովհետեւ Յովհաննէսի մասին է որ մարգարէութեան մէջ Տէրը կ՚ըսէ. «Ահա պատգամաբերս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ»։ Վստահ եղէք, թէ մարդոց մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն մեծը չէ ծնած. սակայն երկինքի արքայութեան մէջ յետին եղողը Յովհաննէսէն աւելի մեծ է։ Յովհաննէս Մկրտիչի քարոզութեան օրերէն մինչեւ այսօր մարդիկ երկինքի արքայութիւնը ձեռք ձգելու համար ոյժ կը բանեցնեն, եւ զօրաւորները ձեռք կը ձգեն զայն։ Մովսէսի Օրէնքը եւ բոլոր մարգարէները մինչեւ Յովհաննէսի ժամանակը մարգարէացան երկինքի արքայութեան մասին. եւ եթէ կ՚ուզէք ընդունիլ՝ Յովհաննէսն է Եղիան, որ պիտի գար։ Ականջ ունեցողը թող լսէ։ Որո՞ւ նմանցնեմ այս սերունդի մարդիկը։ Կը նմանին այն փոքրիկներուն, որոնք շուկայի հրապարակներուն վրայ կը նստին եւ իրարու ձայն կու տան, ըսելով. «Նուագեցինք ձեզի, բայց դուք չպարեցիք. ողբի երգեր երգեցինք, բայց դուք չլացիք»։ Յովհաննէսը եկաւ, ո՛չ կ՚ուտէր, ո՛չ կը խմէր, եւ կ՚ըսեն. « Դիւահար է»։ Մարդու Որդին եկաւ, կ՚ուտէ ու կը խմէ, եւ կ՚ըսեն. «Ուտող ու խմող է այս մարդը, մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն՝ բարեկամ»։ Բայց արդարութեան հետեւորդները կրնան հասկնալ Աստուծոյ իմաստութիւնը։ Ապա Յիսուս սկսաւ մեղադրել այն քաղաքները, ուր ինք բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր, քանի անոնք դարձի չէին եկած. – Վա՜ յ քեզի, Քորազի՛ն, վա՜ յ քեզի, Բեթսայիդա՛, եթէ այն հրաշքները որոնք ձեր մէջ գործուեցան՝ կատարուէին Տիւրոսի եւ Սիդոնի մէջ, անոնց բնակիչները շատոնց քուրձ հագնելով եւ մոխիրի վրայ նստելով ապաշխարած պիտի ըլլային։ Ուրեմն, կ՚ըսեմ ձեզի.– Դատաստանի օրը Տիւրոսի եւ Սիդոնի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան թէ ձերը։ Իսկ դո՛ւն, Կափառնաո՛ւմ, որ մինչեւ երկինք բարձրացեր ես, մինչեւ դժոխք պիտի իջնես։ Որովհետեւ այն հրաշքները որ մէջդ գործուեցան՝ եթէ կատարուէին Սոդոմի մէջ, վստահաբար անիկա կանգուն պիտի ըլլար մինչեւ այսօր։ Ուրեմն, կ՚ըսեմ ձեզի.– Դատաստանի օրը Սոդոմի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան թէ ձերը։ Այն ատեն Յիսուս այսպէս աղօթեց. – Հա՜ յր, երկինքի եւ երկրի Տէր, շնորհակալ եմ քեզի, որ իմաստուններէն եւ գիտուններէն ծածկեցիր այն՝ ինչ որ յայտնեցիր պարզ ու համեստ մարդոց։ Այո՛, Հա՛յր, դուն այսպէս ուզեցիր։ Հայրս ամէն ինչ տուած է ինծի, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Որդին՝ բացի Հօրմէն, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ բացի Որդիէն, կամ բացի անկէ՝ որուն յայտնել ուզէ Որդին։ Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի։ Ձեր վրայ առէք իմ լուծս եւ ինձմէ սորվեցէք, որովհետեւ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք։ Քանի իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ։ Շաբաթ օր մը Յիսուս ցորենի արտերուն մէջէն կ՚անցնէր։ Աշակերտները անօթեցած ըլլալով՝ սկսան հասկ փրցնել եւ ուտել։ Երբ Փարիսեցիները ասիկա տեսան, ըսին Յիսուսի. – Տե՛ս, աշակերտներդ ի՛նչ կ՚ընեն. բան մը՝ որ մեր Օրէնքը կ՚արգիլէ Շաբաթ օրով ընել։ Յիսուս պատասխանեց. – Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան։ Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ եւ առաջաւորութեան հացերը չկերա՞ւ, բան մը՝ որ Օրէնքին համաձայն արտօնուած չէր իրեն եւ ոչ ալ իրեն հետ եղողներուն, այլ միայն քահանաներուն: Կամ չէ՞ք կարդացած Օրէնքին մէջ, թէ Շաբաթ օրերը քահանաները տաճարին մէջ կը սրբապղծեն Շաբաթ օրը եւ սակայն ատիկա մեղք չի համարուիր իրենց։ Ահա կ՚ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։ Եթէ իրապէս հասկնայիք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. «Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ », այն ատեն չէիք դատապարտեր անմեղները, որովհետեւ Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին։ Յիսուս այդտեղէն մեկնելով՝ գնաց անոնց ժողովարանը: Հոն մարդ մը կար, որուն ձեռքը գօսացած էր։ Ներկաները Յիսուսը ամբաստանելու մտքով հարցուցին. – Մեր Օրէնքը կը թոյլատրէ՞ Շաբաթ օրով բժշկել։ Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ ձեզմէ մէկուն մէկ հատիկ ոչխարը Շաբաթ օրով փոսը իյնայ, ի՞նչ կ՚ընէ։ Չի՞ բռներ ու չի՞ հաներ զայն։ Իսկ մարդը ոչխարէն որքա՜ ն աւելի կ՚արժէ։ Ուրեմն Օրէնքը կը թոյլատրէ Շաբաթ օրով բարիք գործելը։ Այն ատեն ըսաւ մարդուն. – Ձեռքդ երկարէ։ Անիկա ձեռքը երկարեց, եւ ահա գօսացած ձեռքը միւս ձեռքին նման առողջացաւ։ Ասոր վրայ Փարիսեցիները դուրս ելլելով՝ սկսան իրարու հետ խորհդակցիլ, թէ ի՛նչպէս սպաննեն Յիսուսը։ Յիսուս գիտցաւ ասիկա եւ հոնկէ մեկնեցաւ։ Բազմաթիւ մարդիկ գացին իր ետեւէն, եւ ինք բոլոր հիւանդները ղ բժշկեց՝ խստիւ պատուիրելով անոնց, որ ուրիշներուն իր մասին բան չըսեն։ Այսպիսով իրականացաւ ինչ որ Տէրը կ՚ըսէ Եսայի մարգարէին բերնով.– «Ահաւասիկ ծառաս, որ ընտրեցի, սիրելիս, որուն հաճեցայ։ Իմ Հոգիս անոր վրայ պիտի դնեմ, եւ անիկա բոլոր ազգերուն արդարութիւն պիտի հռչակէ։ Անիկա ո՛չ պիտի հակառակի եւ ո՛չ ալ պիտի աղաղակէ, ո՛չ ալ հրապարակներու վրայ անոր ձայնը պիտի լսուի։ Ջախջախուած եղէգը պիտի չփշրէ եւ առկայծ ճրագը պիտի չմարէ, մինչեւ որ արդարութիւնը յաղթանակէ։ Եւ բոլոր ազգերը իրենց յոյսը անոր վրայ պիտի դնեն»։ Ապա Յիսուսի բերին կոյր եւ համր դիւահար մը, եւ Յիսուս բժշկեց զայն, այնպէս որ համր եւ կոյր մարդը սկսաւ խօսիլ ու տեսնել։ Բոլոր ներկաները զարմացան եւ կը հարցնէին. – Արդեօք ասիկա՞ է Քրիստոսը, Դաւիթի Որդին։ Բայց Փարիսեցիները երբ լսեցին, ըսին. – Անիկա դեւերու իշխանին՝ Բէեղզեբուղի զօրութեամբ է որ դեւերը դուրս կը հանէ։ Յիսուս երբ գիտցաւ անոնց մտածումը, ըսաւ. –Ոեւէ թագաւորութիւն որ ինքն իր մէջ բաժան–բաժան կ՚ըլլայ՝ կը կործանի, եւ ոեւէ քաղաք կամ ընտանիք որ ինքն իր մէջ բաժնուած է՝ կանգուն չի մնար։ Եթէ Սատանան իր գործակալներուն դէմ կ՚ելլէ, ուրեմն ինքն իր մէջ բաժան–բաժան եղած է. արդ, անոր թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ կանգուն մնալ։ Եթէ ես Բէեղզեբուղի զօրութեամբ է որ դեւերը կը հանեմ, ձեր հետեւորդնե՞րը որուն զօրութեամբ դուրս կը հանեն զանոնք։ Ուրեմն ձեր իսկ հետեւորդները ձեզ պիտի դատապարտեն։ Իսկ եթէ Աստուծոյ Հոգիին զօրութեամբ չար ոգիները կը հանեմ, կը նշանակէ թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը արդէն հասած է ձեզի։ Ո՛չ ոք կրնայ զօրաւոր մարդու մը տունը մտնել եւ անոր ստացուածքը կողոպտել, եթէ նախապէս այդ զօրաւոր մարդը չկապէ։ Անկէ ետք է որ անոր տունը կը կողոպտէ։ Ով որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է. ով որ ինծի հետ չի հաւաքեր՝ կը ցրուէ։ Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի.– Մարդիկ որքան ալ մեղք գործեն կամ հայհոյութիւն ընեն, Աստուած պիտի ներէ անոնց այդ բոլորը. բայց պիտի չներէ անոր, որ Սուրբ Հոգիին կը հայհոյէ, այսինքն՝ կը նախատէ զայն։ Ոեւէ մէկը որ Մարդու Որդիին դէմ խօսի՝ Աստուած պիտի ներէ անոր, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ խօսողին պիտի չներէ, ո՛չ այս աշխարհի մէջ եւ ո՛չ ալ հանդերձեալին։ Եթէ կ՚ուզէք լաւ պտուղ ունենալ՝ ծառը առողջ պահեցէք, իսկ եթէ ծառը լաւ չպահէք՝ պտուղն ալ գէշ կ՚ըլլայ։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի։ Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք լաւ բաներ խօսիլ, երբ դուք չար էք, քանի բերանը սրտին մէջ եղածն է որ կը խօսի։ Բարի մարդը իր սրտի բարի գանձէն բարիք կը հանէ, իսկ չար մարդը իր սրտի չար գանձէն՝ չարիք։ Կ՚ըսեմ ձեզի.– Դատաստանի օրը մարդ իր բոլոր դատարկ խօսքերուն համար հաշիւ պիտի տայ։ Որովհետեւ քու խօսքերովդ պիտի դատեն քեզ, կա՛մ արդարացնելու համար քեզ եւ կա՛մ՝ դատապարտելու։ Այն ատեն Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, կ՚ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ՚ուզէք. բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի։ Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ։ Դատաստանի օրը Նինուէացիները ձեզի դէմ պիտի ելլեն եւ դատապարտեն ձեզ, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար։ Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։ Դարձեալ, Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ եւ դատապարտէ ձեզ, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար։ Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։ – Երբ չար ոգին դուրս կ՚ելլէ մարդու մը մէջէն, կ՚երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար։ Եւ երբ չի գտներ, ինքնիրեն կ՚ըսէ. «Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ»։ Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ պարապ, մաքուր եւ յարդարուած։ ԽՔ 6 Շ Ապա կ՚երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ՚ըլայ։ Գիտցէ՛ք, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ այս չար սերունդին։ Յիսուս ժողովուրդին տակաւին կը խօսէր, երբ իր մայրն ու եղբայրները եկան եւ դուրսը կեցած՝ կ՚ուզէին իրեն հետ խօսիլ։ Հոն գտնուողներէն մէկը ըսաւ իրեն. – Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ՚ուզեն հետդ խօսիլ։ Յիսուս անոր պատասխանեց. – Ո՞վ է մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս։ Եւ իր աշակերտները ցոյց տալով՝ աւելցուց. – Ահաւասիկ մայրս ու եղբայրներս։ Որովհետեւ ո՛վ որ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ՝ անիկա է եղբայրս, քոյրս եւ մայրս։ Նոյն օրը Յիսուս տունէն ելաւ եւ գնաց նստաւ լիճին եզերքը։ Շուրջը ա՛յնքան մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ, որ ինք նաւակ մտաւ եւ հոն նստաւ, իսկ ամբողջ բազմութիւնը լիճին եզերքը կանգնած մնաց։ Եւ առակներով շատ բան կը սորվեցնէր անոնց ու կ՚ըսէր. – Սերմանող մը սերմ ցանելու ելաւ։ Սերմանած ատեն հատիկներէն ոմանք ինկան ճամբուն եզերքը եւ թռչունները եկան եւ կերան զանոնք։ Ուրիշներ ժայռոտ տեղ ինկան, ուր շատ հող չկար, եւ քանի հողը խորունկ չէր՝ անմիջապէս բուսան. բայց երբ արեւը ելաւ՝ այրեցան, եւ որովհետեւ արմատ չունէին՝ չորցան։ Ոմանք ինկան փուշերու մէջ, եւ փուշերը ելան եւ խեղդեցին զանոնք։ Իսկ ուրիշներ ալ ինկան լաւ հողի մէջ եւ պտուղ տուին, ոմանք մէկի տեղ հարիւր, ուրիշներ՝ վաթսուն եւ կամ երեսուն։ Ականջ ունեցողը թող լսէ։ Յետոյ աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ հարցուցին. – Ինչո՞ւ առակներով կը խօսիս անոնց։ Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Դուք պէտք է գիտնաք Աստուծոյ արքայութեան գաղտնիքները, բայց ոչ՝ անոնք։ Որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի նոյնիսկ աւելիով, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն իսկ։ Այս պատճառով առակներով կը խօսիմ անոնց, որովհետեւ կը նային՝ բայց չեն տեսներ, մտիկ կ՚ընեն՝ բայց չեն լսեր ու չեն հասկնար։ Այսպէս կ՚իրականանայ անոնց նկատմամբ Եսայիի մարգարէութիւնը, որ կ՚ըսէ.– «Անդադար պիտի լսեն, բայց պիտի չհասկնան. շարունակ պիտի նային, բայց պիտի չտեսնեն, որովհետեւ այս ժողովուրդին միտքը թանձրացած է. իրենց ականջները խցած են, եւ իրենց աչքերը փակած, որպէսզի չըլլայ որ իրենց աչքերը տեսնեն ու ականջները լսեն եւ միտքերը հասկնան ու դարձի գան, եւ ես զանոնք բժշկեմ»։ Բայց երանի՜ ձեր աչքերուն, որովհետեւ կը տեսնեն եւ երանի՜ ձեր ականջներուն, որովհետեւ կը լսեն։ Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ շատ մարգարէներ եւ արդարներ փափաքեցան ձեր տեսածները տեսնել՝ բայց չտեսան, եւ ձեր լսածները լսել՝ բայց չլսեցին։ – Դուք, ուրեմն, լսեցէք թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէ սերմնացանին առակը: Ճամբուն եզերքը գտնուող հողը, ուր կ՚իյնայ սերմը, կը նմանի այն մարդուն՝ որ Աստուծոյ արքայութեան քարոզութիւնը կը լսէ եւ սակայն չի հասկնար. չարը կու գայ եւ կը յափշտակէ անոր սիրտին մէջ ցանուածը։ Ժայռոտ հողը կը նմանի այն մարդուն, որ հազիւ Աստուծոյ խօսքը լսած՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունի զայն։ Սակայն սերմը արմատ չունի իր մէջ, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատայ, եւ երբ նեղութեան եւ Աստուծոյ խօսքին համար հալածանքի ենթարկուի՝ անմիջապէս իր հաւատքը կը կորսնցնէ։ Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդուն, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսէ, սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը եւ հարստութեան հրապոյրը կը խեղդեն Աստուծոյ խօսքը, որ անպտուղ կը դառնայ իր մէջ։ Իսկ լաւ հողը կը նմանի այն մարդուն, որ կը լսէ Աստուծոյ խօսքը եւ կը հասկնայ ու պտուղ կու տայ, մէկի փոխարէն հարիւր, ուրիշ մը՝ վաթսուն եւ ուրիշ մը՝ երեսուն։ Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. – Մարդ մը լաւ սերմեր ցանեց իր արտին մէջ։ Գիշեր մը, երբ ամէն մարդ քնացած էր, անոր թշնամին եկաւ, որոմ ցանեց ցորենին մէջ եւ գնաց։ Երբ սերմերը աճեցան եւ սկսան հասկ կազմել, այն ատեն որոմն լ երեւցաւ։ Տանտիրոջ ծառաները եկան եւ ըսին անոր. «Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը»։ Անիկա պատասխանեց. «Ասիկա թշնամի մարդու գործ է»։ Ծառաները ըսին. «Կ՚ուզե՞ս որ երթանք եւ որոմը քաղենք»։ «Ո՛չ»,– պատասխանեց տէրը,– «Որպէսզի չըլլայ թէ որոմը քաղած ատեն ցորենն ալ միասին արմատախիլ ընէք։ ԽՔ Շ Ձգեցէք որ երկուքն ալ միասին աճին մինչեւ հունձքի ժամանակ. այն ատեն հնձուորներուն կ՚ըսեմ. Նախ որոմը քաղեցէք, խուրձեր կազմեցէք այրելու համար, եւ ապա քաղեցէք ցորենը եւ ամբարեցէք շտեմարաններուս մէջ»։ Ահաւասիկ ճիշդ ասոր կը նմանի երկինքի արքայութիւնը։ Յիսուս ուրիշ առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. – Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի մանանեխի հատիկին, որ մարդ մը առնելով կը ցանէ իր արտին մէջ։ Անիկա սերմերէն ամենէն փոքրն է, բայց երբ աճի՝ բոլոր տունկերէն աւելի մեծ կ՚ըլլայ եւ ծառ կը դառնայ, այնպէս որ երկինքի թռչունները կու գան եւ բոյն կը դնեն անոր ճիւղերուն մէջ։ Յիսուս ուրիշ օրինակ մըն ալ տուաւ անոնց եւ ըսաւ. – Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն թթխմորին, որ կին մը առնելով՝ պարկ մը ալիւրի հետ խառնեց, մինչեւ որ ամբողջ խմորը թթուեցաւ։ Յիսուս ժողովուրդին առակներով խօսելով, այս բոլորը անոնց կը սորվեցնէր։ Առանց առակի ոչինչ կը խօսէր, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը կ՚ըսէ մարգարէին բերնով. «Առակներով պիտի խօսիմ անոնց եւ պիտի յայտնեմ ինչ որ ծածուկ մնացած էր աշխարհի սկիզբէն ի վեր»։ Ապա Յիսուս ձգեց ժողովուրդը եւ տուն եկաւ։ Իր աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին. – Բացատրէ՛ մեզի արտին մէջ ցանուած որոմներուն առակը ։ Յիսուս պատասխանեց. – Լաւ սերմեր ցանողը Մարդու Որդին է, եւ արտը աշխարհն է։ Լաւ սերմերը այն մարդիկն են, որոնք արքայութեան հետեւորդներն են, իսկ որոմը՝ անոնք որոնք չարին հետեւորդներն են։ Թշնամին որ ցանեց որոմը՝ Սատանան է, հունձքը աշխարհի վախճանն է եւ հնձուորները հրեշտակներն են։ Արդ, ինչպէս որ որոմը կը հաւաքեն եւ կրակին մէջ կ՚այրեն, այդպէս ալ պիտի պատահի աշխարհի վախճանին։ Այսինքն, Մարդու Որդին իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որոնք իր արքայութենէն պիտի հաւաքեն բոլոր անոնք որ գայթակղութեան պատճառ կ՚ըլլան եւ չարիք կը գործեն, ու զանոնք պիտի նետեն բոցավառ հնոցին մէջ, ուր պիտի լան եւ կրճտեն իրենց ակռաները։ Այն ատեն արդարները արեւու պէս պիտի փայլին երկինքի արքայութեան մէջ։ Ականջ ունեցողը թող լսէ։ Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի արտի մը մէջ պահուած գանձի։ Երբ մէկը զայն գտնէ՝ կրկին կը ծածկէ հողին մէջ եւ ուրախութենէն կ՚երթայ, իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ ու կը գնէ այդ արտը։ Նմանապէս, երկինքի արքայութիւնը կը նմանի այն վաճառականին, որ գեղեցիկ մարգարիտներ կը փնտռէ։ Երբ շատ թանկագին մարգարիտ մը գտնէ՝ կ՚երթայ, իր ամբողջ ունեցածը կը ծախէ եւ կը գնէ այդ մարգարիտը։ – Դարձեալ, երկինքի արքայութիւնը կը նմանի ծովը նետուած ուռկանի մը, ուր ամէն տեսակ ձուկ կը բռնուի։ Երբ լեցուի, ձկնորսները ցամաք կը քաշեն եւ նստելով ձուկերը կը զատեն. լաւերը կը հաւաքեն ամաններու մէջ, իսկ անպէտները կը թափեն։ Ահա, նոյնպէս պիտի պատահի աշխարհի վախճանին։ Հրեշտակները պիտի ելլեն եւ չարերը զատեն արդարներուն մէջէն եւ նետեն բոցավառ հնոցին մէջ, ուր անոնք պիտի լան եւ կրճտեն իրենց ակռաները։ Ապա Յիսուս հարցուց իր աշակերտներուն. – Հասկցա՞ք բոլոր ըսածներս։ – Այո՛, Տէ՛ր,– ըսին անոնք։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Այսպէս, ահա, ոեւէ Օրէնքի ուսուցիչ որ երկինքի արքայութեան աշակերտ կը դառնայ՝ կը նմանի տանտիրոջ մը, որ իր գանձէն դուրս կը բերէ նորն ու հինը։ Երբ Յիսուս վերջացուց այս առակները, մեկնեցաւ հոնկէ եւ եկաւ իր հայրենի գաւառը, ուր ժողովարանին մէջ սկսաւ սորվեցնել անոնց։ Լսողները կը զարմանային ու կ՚ըսէին. – Ուրկէ՞ ձեռք ձգած է այսքան իմաստութիւն եւ հրաշագործ զօրութիւն։ Ասիկա ատաղձագործին որդին չէ՞. իր մայրը Մարիամը չէ՞ եւ եղբայրները՝ Յակոբոսը, Յոսէսը, Սիմոնը եւ Յուդան։ Իր քոյրերը բոլորն ալ մեր մօտ չե՞ն բնակիր։ Այս ամէնը ուրկէ՞ իրեն։ Եւ այս պատճառով կը դժուարանային հաւատալ իրեն։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Մարգարէն իր հայրենի գաւառին եւ ընտանիքին մէջ յարգ չունի։ Եւ անոնց անհաւատութեան պատճառով հոն շատ հրաշքներ չկատարեց։ Այդ ատենները, Հերովդէս չորրորդապետ լսեց Յիսուսի համբաւը եւ ըսաւ իր ծառաներուն. – Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է. ա՛ն է որ մեռելներէն յարութիւն առած է, եւ այդ պատճառով է որ հրաշքներ կը գործուին իր ձեռքով։ Քանի Հերովդէս ինքն էր որ ձերբակալել տուած էր Յովհաննէսը, շղթայել եւ բանտ նետել տուած, իր Փիլիպպոս եղբօր կնոջ՝ Հերովդիայի պատճառով։ Շ Որովհետեւ Յովհաննէս կ՚ըսէր Հերովդէսի. – Մեր Օրէնքը չի թոյլատրեր որ անոր հետ ամուսնանաս։ Այս պատճառով՝ Հերովդէս կ՚ուզէր սպաննել Յովհաննէսը, բայց ժողովուրդէն կը վախնար, քանի մարդիկ զայն իբրեւ մարգարէ կ՚ընդունէին։ Արդ, Հերովդէսի ծննդեան տարեդարձը եկաւ։ Եւ երբ Հերովդիայի աղջիկը հրաւիրեալներուն դիմաց պարեց, ասիկա ա՛յնքան հաճելի թուեցաւ Հերովդէսի, որ երդում ընելով խոստացաւ անոր տալ ի՛նչ որ ուզէր։ Ան ալ նախապէս իր մօրմէն խրատուած ըլլալով, ըսաւ. – Հիմա հոս, ափսէի մը վրայ, Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը տուր ինծի։ Թագաւորը շատ տխրեցաւ, բայց հրաւիրեալներուն դիմաց իր ըրած երդումին պատճառով՝ հրամայեց որ աղջկան ուզածը տան։ Եւ մարդ ղրկելով՝ գլխատել տուաւ Յովհաննէսը բանտին մէջ։ Դահիճը անոր գլուխը ափսէի մը վրայ բերաւ եւ տուաւ աղջկան, իսկ աղջիկն ալ տարաւ իր մօրը։ Յովհաննէսի աշակերտները եկան, առին մարմինը եւ թաղեցին, ապա եկան պատմեցին Յիսուսի։ Երբ Յիսուս Յովհաննէսի գլխատումը լսեց, առանձինը նաւակ մտնելով՝ այդտեղէն գնաց ամայի վայր մը։ Շրջանի քաղաքներուն բնակիչները լսելով ասիկա, քալելով հետեւեցան իրեն։ Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ, տեսաւ մեծ բազմութիւնը, գթաց անոնց վրայ եւ հիւանդները բժշկեց։ Երեկոյեան, իր աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին. – Ամայի տեղ ենք եւ ժամանակն ալ ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերը իրենց համար ուտելիք գնելու։ Յիսուս ըսաւ. – Իրենք պէտք չունին երթալու։ Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։ Անոնք ըսին Յիսուսի. – Հոս գրեթէ ոչինչ ունինք, բացի հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ։ Յիսուս ըսաւ. – Հո՛ս բերէք ատոնք։ Եւ հրամայեց որ ժողովուրդը նստեցնեն խոտին վրայ։ Ապա առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն, որոնք բաժնեցին ժողովուրդին։ Բոլորն ալ կերան ու կշտացան. եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։ Իսկ ուտողները շուրջ հինգ հազար հոգի էին, կիներն ու մանուկները չհաշուած։ Ապա Յիսուս անմիջապէս ստիպեց որ աշակերտները նաւակ ելլեն եւ իրմէ առաջ երթան լիճին միւս կողմը, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ։ Ժողովուրդը արձակելէ ետք, Յիսուս առանձինը լեռ բարձրացաւ աղօթելու։ Երբ երեկոյ եղաւ, Յիսուս հոն մինակ էր, մինչ նաւակը ցամաքէն բաւական հեռու՝ ալեկոծութեան մէջ էր, որովհետեւ հովը իրենց դիմացէն կը փչէր։ Գիշերուան չորրորդ պահուն, Յիսուս լիճին վրայէն քալելով աշակերտներուն քով եկաւ։ Անոնք երբ տեսան որ ջուրին վրայէն կը քալէր՝ սարսափեցան եւ ըսին. – Ուրուական մըն է։ Ու վախէն սկսան պոռալ։ Յիսուս անմիջապէս խօսեցաւ անոնց հետ եւ ըսաւ. – Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք։ Պետրոս ըսաւ. – Տէ՛ր, եթէ դուն ես՝ հրամայէ որ ջուրերուն վրայէն քալելով քովդ գամ։ Յիսուս ըսաւ. – Եկո՛ւր։ Պետրոս նաւակէն իջաւ եւ ջուրերուն վրայէն քալելով սկսաւ երթալ Յիսուսի։ Բայց տեսնելով հովին սաստկութիւնը՝ վախցաւ, եւ երբ սկսաւ ընկղմիլ, «Տէ՜ ր, ազատէ՛ զիս» պոռաց։ Յիսուս անմիջապէս ձեռքը երկարելով բռնեց զայն եւ ըսաւ. – Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ կասկածեցար։ Եւ երբ նաւակ բարձրացան, հովը դադրեցաւ։ Նաւակին մէջ գտնուող աշակերտները երկրպագեցին Յիսուսի եւ ըսին. – Իսկապէս դուն Աստուծոյ Որդին ես։ Ապա անցնելով դիմացի կողմը, ցամաք ելան Գեննեսարէթ։ Տեղացիները ճանչցան զինք, եւ ամբողջ գաւառին մէջ մարդ ղրկեցին ու բոլոր հիւանդները Յիսուսի բերին եւ կ՚աղաչէին որ գոնէ թոյլ տայ հիւանդներուն, որ իր հագուստի քղանցքին դպչին։ Եւ անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան։ Այն ատեն Յիսուսի մօտեցան Փարիսեցիներ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ, որոնք Երուսաղէմէն եկած էին, եւ ըսին. Ինչո՞ւ աշակերտներդ մեր նախնիքներու աւանդութիւնը կ՚անտեսեն։ Օրինակ, ճաշելէ առաջ չեն լուար իրենց ձեռքերը։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Իսկ դո՞ւք ինչու կ՚անտեսէք Աստուծոյ պատուիրանը՝ ձեր աւանդութիւնը պահելու համար։ Որովհետեւ Աստուած կ՚ըսէ. « Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ », եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի»։ Մինչ դուք կ՚ըսէք. - «Ով որ իր հօր կամ մօր ըսէ՝ «Այն օգնութիւնը որ ինձմէ պիտի ստանայիր՝ Աստուծոյ նուիրուած է», պարտաւոր չէ՛ յարգելու իր հայրն ու մայրը»։ Ահա այսպիսով դուք Աստուծոյ խօսքը կ՚անարգէք՝ ձեր աւանդութիւնը պահելու համար։ Կեղծաւորնե՛ր, Եսայի մարգարէ ճիշդ մարգարէացած է ձեր մասին, երբ կ՚ըսէ.– «Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներով զիս կը պատուէ, մինչ իր սիրտը շատ հեռու է ինձմէ։ Պարապ տեղ զիս կը պաշտեն, որովհետեւ իրենց սորվեցուցածները մարդոց կողմէ տրուած պատուիրաններ են»։ Յետոյ Յիսուս իր մօտ կանչեց ժողովուրդը եւ ըսաւ անոնց. – Մտիկ ըրէք ու լա՛ւ հասկցէք։ Բերնէն մտածը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ ինչ որ դուրս կ՚ելլէ բերնէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը։ Այն ատեն աշակերտները մօտեցան իրեն եւ ըսին. – Գիտե՞ս որ Փարիսեցիները երբ ըսածդ լսեցին, գայթակղեցան։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Ոեւէ տունկ որ երկնաւոր Հայրս չէ տնկած՝ արմատախիլ պիտի ըլլայ։ Ձգեցէ՛ք զիրենք, կոյրեր են՝ կոյրերու առաջնորդ։ Երբ կոյրը ուրիշ կոյր մը կ՚առաջնորդէ՝ երկուքն ալ փոսը կ՚իյնան։ Պետրոս խօսք առնելով ըսաւ Յիսուսի. – Բացատրէ՛ մեզի այդ առակը ։ Յիսուս ըսաւ. – Տակաւին դո՞ւք ալ անմիտ էք։ Չէ՞ք հասկնար, թէ ինչ որ մարդուս բերանը կը մտնէ՝ անոր ստամոքսը կ՚երթայ եւ ապա դուրս կ՚ելլէ։ Մինչդեռ ինչ որ մարդուս բերանէն կ՚ելլէ՝ սիրտէն դուրս կու գայ, եւ ատիկա է որ կը պղծէ մարդս։ Որովհետեւ մարդուս սիրտէն է որ կ՚ելլեն չար մտածումները՝ սպանութիւն, շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սուտ վկայութիւն, հայհոյութիւն։ Ասո՛նք են որ կը պղծեն մարդը եւ ո՛չ թէ անլուայ ձեռքով ճաշ ուտելը։ Ապա Յիսուս հոնկէ ելլելով գնաց Տիւրոսի եւ Սիդոնի շրջանները։ Եւ ահա Քանանացի կին մը, որ այդ կողմերէն էր, եկաւ Յիսուսի մօտ եւ բարձրաձայն ըսաւ. – Տէ՜ ր, Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՛ ինծի, աղջիկս չար ոգիէն սաստիկ կը տանջուի։ Բայց Յիսուս չպատասխանեց անոր։ Ասոր վրայ աշակերտները մօտեցան եւ աղաչելով ըսին. – Ճամբէ՛ զինք, որովհետեւ մեր ետեւէն կ՚աղաղակէ։ Յիսուս պատասխանեց. – Ես միայն Իսրայէլի ժողովուրդին կորսուած ոչխարներուն համար ղրկուեցայ։ Սակայն կինը մօտեցաւ, ծունկի եկաւ ու ըսաւ. – Տէ՜ ր, օգնէ՛ ինծի։ Յիսուս պատասխանեց. – Ճիշդ չէ՛ մանուկներուն ձեռքէն հացը առնել եւ շուներուն նետել։ Կինը ըսաւ. – Այո՛, Տէ՜ ր, բայց նոյնիսկ շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին։ Այն ատեն Յիսուս անոր պատասխանեց. – Ո՛վ կին, մեծ է հաւատքդ. թող ուզածիդ պէս ըլլայ։ Եւ նոյն վայրկեանին անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։ Յիսուս այդտեղէն մեկնելով գնաց Գալիլեայի լիճին եզերքը եւ լեռը ելլելով՝ հոն նստաւ։ Մեծ բազմութիւն մը մօտեցաւ իրեն. անոնք իրենց հետ ունէին կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ ուրիշ հիւանդներ, որոնք բերին եւ դրին Յիսուսի ոտքերուն առջեւ։ Եւ Յիսուս բժշկեց զանոնք։ Բոլորն ալ կը զարմանային, տեսնելով որ համրերը կը խօսին, կաղերը կը քալեն, հաշմանդամները կը բժշկուին եւ կոյրերը կը տեսնեն, եւ կը փառաւորէին Իսրայէլի Աստուածը։ Յիսուս իր մօտ կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց. – Կը խղճամ այս բազմութեան, որովհետեւ ահա երեք օր է որ մօտս են եւ ա՛լ ոչինչ ունին ուտելիք։ Չեմ ուզեր զիրենք անօթի տուն ղրկել, որպէսզի չըլլայ թէ ճամբու ընթացքին մարին։ Աշակերտները ըսին. – Հիմա ամայի այս վայրին մէջ ուրկէ՞ այսչափ բազմութիւն կշտացնելու չափ հաց գտնենք։ Յիսուս հարցուց անոնց. – Քանի՞ հաց ունիք։ Անոնք պատասխանեցին. – Եօթը հաց եւ քիչ մըն ալ մանր ձուկեր։ Յիսուս հրամայեց ժողովուրդին որ գետին նստին։ Ապա առաւ եօթը հացը եւ ձուկերը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ, ու ասոնք ալ բաժնեցին ժողովուրդին։ Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աշակերտները կտորները հաւաքելով եօթը զամբիւղ լեցուցին։ Իսկ ուտողները շուրջ չորս հազար հոգի էին, կիներն ու մանուկները չհաշուած։ Յետոյ Յիսուս արձակեց ժողովուրդը եւ նաւակ ելլելով եկաւ Մագդալայի սահմանները։ Փարիսեցիներ ու Սադուկեցիներ մօտեցան Յիսուսի եւ զինք փորձելու համար՝ իրմէ նշան մը կ՚ուզէին, Աստուծմէ վկայուած ըլլալը հաստատելու համար։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Արեւնամուտին, երբ տեսնէք որ հորիզոնը կարմրած է, կ՚ըսէք. «Վաղը օդը լաւ պիտի ըլլայ»։ Իսկ առաւօտուն երբ երկինքը կարմրի եւ մթագնի, կ՚ըսէք. «Այսօր փոթորկոտ պիտի ըլլայ»։ Երկինքը դիտելով երբ կրնաք նախատեսել գալիք օդը, չէ՞ք կրնար ներկայ ժամանակներու նշանները տեսնելով հասկնալ անոնց իմաստը։ Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար այս սերունդը նշան կը խնդրէ, բայց Յովնան մարգարէին պատահած հրաշքէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր։ Եւ ձգեց զանոնք ու գնաց։ Աշակերտներն ալ լիճին դիմացի կողմը անցան, բայց մոռցան հաց առնել։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Տեսէք, զգուշացէ՛ք Սադուկեցիներու եւ Փարիսեցիներու խմորէն ։ Աշակերտները իրենք իրենց կը խորհէին ու կ՚ըսէին. «Այսպէս կ՚ըսէ, որովհետեւ հաց չառինք»։ Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ. – Թերահաւատնե՛ր, ինչո՞ւ դուք ձեզի կը խորհիք թէ հաց չունիք։ Տակաւին չէ՞ք հասկնար։ Չէ՞ք յիշեր, ինչպէս հինգ հացով հինգ հազար հոգի կերակրուեցան, եւ կտորները քանի՞ սակառ լեցուցիք։ Կամ երբ եօթը հացով չորս հազար հոգի կերակրուեցան, քանի՞ զամբիւղ լեցուցիք։ Արդ, ինչպէ՞ս չէք հասկնար, թէ հացի համար չէր որ ըսի ձեզի՝ զգուշացէք Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու խմորէն։ Այն ատեն աշակերտները հասկցան, թէ հացի խմորի մասին չէր խօսեր, այլ կը զգուշացնէր Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու ուսուցումներէն։ Երբ Յիսուս Փիլիպպոսի կառուցած Կեսարիայի կողմերը եկաւ, իր աշակերտներուն հարցուց. – Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես։ Անոնք պատասխանեցին. – Ոմանք քեզ Յովհաննէս Մկրտիչը կը կարծեն, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը։ Յիսուս հարցուց անոնց. – Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս։ Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. – Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Երանի՜ քեզի, Սիմոն, Յովնանի որդի, որովհետեւ ատիկա քեզի յայտնողը մարդ մը չէր, այլ իմ Հայրս, որ երկինքի մէջ է։ Քեզի կ՚ըսեմ՝ թէ ժայռ ես դուն, եւ այդ ժայռին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս, զոր մահն անգամ իր ամբողջ զօրութեամբ պիտի չկրնայ յաղթահարել։ Քեզի պիտի տամ երկինքի արքայութեան բանալիները, եւ ինչ որ կապես երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակես երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ։ Ապա Յիսուս խստիւ պատուիրեց իր աշակերտներուն, որ ոեւէ մէկուն չըսեն թէ ինքն է Քրիստոսը։ Այս դէպքէն ետք, Յիսուս սկսաւ յայտնել իր աշակերտներուն, թէ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ, ուր շատ պիտի չարչարուի աւագ քահանաներէն, Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ երէցներէն, թէ պէտք է որ սպաննուի, եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ։ Ասոր վրայ Պետրոս զինք մէկ կողմ տարաւ եւ սկսաւ հակառակելով վիճիլ. – Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, այդպիսի բան թող չպատահի քեզի։ Յիսուս Պետրոսի դառնալով ըսաւ. – Ետի՛ս գնա, Սատանա՛յ, դուն արգելք ես ինծի, որովհետեւ Աստուծոյ ծրագիրը չէ որ կը խորհիս, այլ մարդոց մտահոգութիւնը կ՚արտայայտես։ Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի գտնէ զայն։ Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ, որովհետեւ ի՞նչ փրկագին պիտի տայ իր կեանքը ետ առնելու համար։ Արդարեւ, Մարդու Որդին պիտի գայ իր Հօր փառքով՝ իր հրեշտակներուն հետ, եւ այն ատեն իւրաքանչիւրին իր գործերուն համաձայն հատուցում պիտի կատարէ։ Վստահ եղէք, որ հոս գտնուողներէն ոմանք պիտի չմեռնին՝ մինչեւ տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ իր թագաւորութեամբ։ Վեց օր ետք, Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին։ Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան։ Եւ ահա երեւցան Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ։ Պետրոս ըսաւ Յիսուսի. – Տէ՛ր, ի՜նչ լաւ կ՚ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ՚ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար։ Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ահա լուսաւոր ամպ մը ծածկեց զիրենք. ամպին մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՚ըսէր. – Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք։ Երբ աշակերտները լսեցին ասիկա, սարսափահար՝ երեսի վրայ գետին ինկան։ Յիսուս մօտենալով՝ դպաւ անոնց եւ ըսաւ. – Ոտքի՛ ելէք, մի՛ վախնաք։ Աշակերտները իրենց աչքերը վեր բարձրացուցին եւ Յիսուսէ զատ մարդ չտեսան։ Եւ մինչ լեռնէն վար կ՚իջնէին, Յիսուս պատուիրեց անոնց, ըսելով. – Մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն չառնէ, ձեր տեսածը ոեւէ մէկուն մի՛ պատմէք։ Այն ատեն աշակերտները հարցուցին Յիսուսի. – Հապա ինչո՞ւ Օրէնքի ուսուցիչները կ՚ըսեն թէ նախ Եղիան պէտք է գայ։ Յիսուս պատասխանեց. – Ճիշդ է, Եղիան նախ գալով՝ պիտի պատրաստէ ամէն ինչ. բայց գիտցէք որ Եղիան արդէն իսկ եկած է, սակայն մարդիկ զայն չճանչցան եւ անոր հետ վարուեցան ինչպէս որ ուզեցին։ Նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի չարչարուի անոնց կողմէ։ Այն ատեն աշակերտները հասկցան թէ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին կը խօսէր ան։ Երբ ժողովուրդին քով եկան, մարդ մը մօտեցաւ, ծունկի եկաւ Յիսուսի առջեւ եւ ըսաւ. – Տէ՜ր, ողորմէ՛ զաւակիս, լուսնոտ է եւ սաստիկ կը տանջուի. շատ անգամ կրակի մէջ կ՚իյնայ եւ երբեմն ալ՝ ջուրի մէջ։ Աշակերտներուդ բերի զինք, բայց չկրցան բժշկել։ Յիսուս պատասխանեց. – Ո՜վ անհաւատ եւ մոլորեալ սերունդ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժեմ ձեզի։ Հո՛ս բերէք զայն։ Ապա Յիսուս սաստեց չար ոգին, որ դուրս ելաւ փոքրիկին մէջէն, եւ նոյն վայրկեանին փոքրիկը բժշկուեցաւ։ Ապա, երբ առանձին մնացին, աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ հարցուցին. – Մե՞նք ինչու չկրցանք դուրս հանել չար ոգին։ Յիսուս պատասխանեց. – Ձեր թերահաւատութեան պատճառով։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք, պիտի կարենաք ըսել այս լերան. «Հոսկէ հոն տեղափոխուէ», եւ պիտի տեղափոխուի։ Ո՛չ մէկ բան անկարելի պիտի ըլլայ ձեզի համար։ Բայց այս տեսակ չար ոգին միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է դուրս հանել։ Եւ մինչ տակաւին Գալիլեայի մէջ կը շրջէին, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. – Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, որոնք պիտի սպաննեն զայն, բայց երրորդ օրը անիկա յարութիւն պիտի առնէ։ Այս խօսքին վրայ աշակերտները շատ տրտմեցան։ Երբ Կափառնաում եկան, տաճարին տուրքը գանձողները մօտեցան Պետրոսի եւ հարցուցին. – Ձեր Վարդապետը տաճարին տուրքը չի՞ տար։ – Անշուշտ կու տայ,– ըսաւ Պետրոս։ Եւ երբ տուն մտան, Յիսուս կանխելով Պետրոսի ըսելիքը, հարցուց. – Սիմո՛ն, ի՞նչ է կարծիքդ, աշխարհի թագաւորները հարկերը եւ տուրքերը որմէ՞ կ՚առնեն, քաղաքացիներէ՞ն թէ օտարներէն։ Եւ երբ Պետրոս ըսաւ՝ «Օտարներէն», Յիսուս աւելցուց. – Ուստի քաղաքացիները այդ տուրքէն զերծ են։ Բայց որպէսզի այդ մարդիկը չգայթակղեցնենք, ծով գնա ու կարթ նետէ, եւ առաջին ձուկը որ բռնես՝ անոր բերանը բաց եւ հոն արծաթ դրամ մը պիտի գտնես։ Տար դրամը անոնց տուր, իմ եւ քու տեղդ։ Նոյն պահուն Յիսուսի աշակերտները մօտեցան իրեն եւ հարցուցին. – Մեզմէ ո՞վ է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ։ Յիսուս մանուկ մը կանչեց եւ զայն անոնց մէջտեղ կանգնեցնելով՝ ըսաւ. – Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք։ Արդ, ով որ իր անձը այս մանուկին պէս կը խոնարհեցնէ՝ անիկա է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ։ Եւ ով որ այսպիսի մանուկ մը իմ անունովս կ՚ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ։ – Ով որ ինծի հաւատացող այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէ, աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ գայթակղեցնողին վիզին մեծ երկանաքար անցուի եւ ծովուն խորքը ձգուի՝ ընկղմելու համար։ Վա՜յ աշխարհին, քանի գայթակղութիւնները անպակաս են հոն։ Գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին. բայց վա՛յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ՚իյնան։ ԽՔ 6 ( Եթէ ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ կտրէ ու նետէ՛ զայն, որովհետեւ աւելի լաւ է մէկ ձեռքով կամ կաղ մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք եւ երկու ոտք ունենալ եւ իյնալ յաւիտենական կրակին մէջ։ Եւ եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ հանէ եւ նետէ՛ զայն. աւելի լաւ է միականի մտնել կեանք, քան թէ երկու աչք ունենալ եւ իյնալ դժոխքի կրակին մէջ։ – Զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը. գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հայրս։ Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար։ Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ մարդ մը իր հարիւր ոչխարներէն մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը ոչխարները լերան վրայ եւ չ՚ե՞րթար փնտռելու կորսուած ոչխարը։ ԽՔ ( Եւ եթէ պատահի որ գտնէ, վստահ եղէք որ աւելի՛ կ՚ուրախանայ այդ ոչխարին համար, քան թէ իննսունինը ոչխարներուն համար, որոնք կորսուած չեն։ Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չ՚ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի։ Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք։ Եթէ մտիկ ընէ քեզի՝ եղբայրդ շահած կ՚ըլլաս։ Իսկ եթէ մտիկ չընէ քեզի՝ հետդ մէկ կամ երկու հոգի եւս առ, որպէսզի «երկու կամ երեք վկաներու բերնով հաստատուի ամէն ամբաստանութիւն»։ Իսկ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ բոլոր հաւատացեալներուն ներկայութեան ըսէ, եւ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ զինք նկատէ հեթանոս մը եւ կամ մաքսաւոր մը։ Վստահ գիտցէք, թէ ինչ որ կապէք երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որ արձակէք երկրի վրայ՝ արձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ։ Եւ կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ձեզմէ երկու հոգի երկրի վրայ միաբանին ոեւէ խնդրանքի համար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկնաւոր Հայրս պիտի կատարէ ատիկա։ Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց միջեւ։ Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ Յիսուսի եւ հարցուց. – Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ պէտք է ներեմ իրեն. մինչեւ եօ՞թը անգամ։ Յիսուս պատասխանեց. – Ոչ թէ եօթը անգամ, այլ եօթանասուն անգամ եօթը։ Որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.– Թագաւոր մը կար, որ ուզեց իր ծառաներուն հաշիւները քննել։ Եւ երբ հաշուեքննութեան սկսաւ, իրեն բերին պարտապան մը, որ միլիոնաւոր ոսկի պարտք ունէր։ Եւ քանի վճարելու կարողութիւն չունէր, տէրը հրամայեց որ զայն իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ որպէս ստրուկ ծախեն, ինչպէս նաեւ ունեցածը վաճառեն եւ պարտքը վճարեն։ Ծառան թագաւորին ոտքերուն ինկաւ եւ աղաչեց՝ ըսելով. «Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի, եւ ես բոլորը կը վճարեմ քեզի»։ Ծառային տէրը գթաց եւ պարտքը շնորհելով՝ ղրկեց զինք։ Հազիւ ծառան դուրս ելաւ, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը, որ չնչին գումար մը պարտական էր իրեն։ Անոր կոկորդէն բռնելով կը խեղդէր զայն ու կ՚ըսէր. «Պարտքդ վճարէ ինծի»։ Ծառայակիցը ոտքերուն ինկաւ եւ աղաչեց՝ ըսելով. «Համբերէ եւ ժամանակ տուր ինծի, եւ ես պարտքս կը վճարեմ»։ Բայց անիկա չուզեց լսել։ Ընդհակառակը, գնաց եւ բանտ նետել տուաւ զայն՝ մինչեւ որ պարտքը վճարէ։ Երբ միւս ծառաները պատահածը տեսան, շատ նեղուեցան եւ եկան ու իրենց տիրոջ պատմեցին ինչ որ պատահեցաւ։ Այն ատեն տէրը կանչեց այդ ծառան եւ ըսաւ. «Չա՛ր ծառայ, ամբողջ պարտքերդ շնորհեցի քեզի, որովհետեւ աղաչեցիր ինծի։ Պէտք չէ՞ր որ դուն ալ ողորմէիր ընկերոջդ, ինչպէս որ ես քեզի ողորմեցայ»։ Եւ տէրը բարկանալով՝ դահիճներուն յանձնեց զայն, որպէսզի պատժեն, մինչեւ որ վճարէ իր բոլոր պարտքերը։ Ապա Յիսուս աւելցուց. – Ահա նոյն ձեւով իմ երկնաւոր Հայրս պիտի վարուի ձեզի հետ, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը սրտանց չներէ իր եղբօր՝ անոր յանցանքները։ Երբ Յիսուս իր ըսելիքները վերջացուց, ձգեց Գալիլեայի շրջանը եւ գնաց Հրէաստանի սահմանները՝ Յորդանան գետին միւս կողմը։ Իրեն հետեւեցաւ մեծ բազմութիւն մը, եւ հոն շատեր բժշկեց։ Փարիսեցիներ Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին. – Մեր Օրէնքով մէկը իրաւունք ունի՞ ոեւէ պատճառով իր կինը արձակելու։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքերուն մէջ, թէ Աստուած սկիզբէն «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը եւ ըսաւ անոնց. Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին։ Ուրեմն ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց։ Փարիսեցիները դարձեալ հարցուցին. – Հապա ինչո՞ւ Մովսէս օրէնք սահմանեց՝ բաժանման թուղթ տալ կնոջ եւ արձակել զայն։ Յիսուս պատասխանեց. – Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով արտօնեց արձակել ձեր կիները, սակայն ստեղծագործութեան ժամանակ արձակելու խօսք չկար։ Գիտցէք նաեւ, թէ ո՛վ որ իր կինը կ՚արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը կ՚առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ, եւ ով որ արձակուած կինը կ՚առնէ՝ ան ալ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ։ Աշակերտները ըսին Յիսուսի. – Եթէ ամուսնութիւնը այդպէս դատապարտութեան պատճառ կրնայ ըլլալ այր մարդուն եւ կնոջ համար, աւելի լաւ է չամուսնանալ։ Յիսուս ըսաւ. – Բայց ամէն մարդ չի կրնար առանց ամուսնութեան մնալ, այլ միայն անոնք՝ որոնց Աստուած կարողութիւն տուած է։ Որովհետեւ մարդիկ չեն ամուսնանար ա՛յն պարագաներուն, երբ ծնունդով ներքինի են, կամ՝ մարդոց կողմէ ներքինի եղած են եւ կամ՝ իրենք զիրենք ներքինի դարձուցած են երկինքի արքայութեան համար։ Ով որ կրնայ ընդունիլ իմ հաստատումս, թող կատարէ զայն։ Ժողովուրդէն ոմանք մանուկներ բերին Յիսուսի, որպէսզի ձեռք դնէ անոնց վրայ եւ աղօթէ, սակայն աշակերտները սաստեցին բերողները։ Յիսուս ըսաւ. – Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը։ Եւ ձեռքերը դրաւ անոնց վրայ։ Ապա մեկնեցաւ հոնկէ։ Եւ ահա մէկը մօտեցաւ Յիսուսի եւ հարցուց. – Բարի՛ Վարդապետ, ի՞նչ բարի գործ պէտք է կատարեմ, յաւիտենական կեանքը ընդունելու համար։ Յիսուս պատասխանեց. – Ինչո՞ւ բարիի մասին կը հարցնես ինծի։ Բարին մէկ է, միայն Աստուած բարի է։ Եթէ կ՚ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել՝ պատուիրանները պահէ։ Անիկա հարցուց. – Ո՞ր պատուիրանները։ Յիսուս ըսաւ. – Հետեւեալները.– «Մի՛ սպաններ, մի՛ շնար, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ » եւ «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» ։ Երիտասարդը ըսաւ. – Այդ բոլորը պատանութենէս ի վեր պահած եմ. դեռ ի՞նչ կը պակսի ինծի։ Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛, ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ աղքատներուն տուր. այդպիսով երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, եւ յետոյ՝ հետեւէ՛ ինծի։ Երիտասարդը երբ ասիկա լսեց՝ տրտում–տխուր գնաց, որովհետեւ շատ հարուստ էր։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Վստահ գիտցէք, որ հարուստը շատ դժուար երկինքի արքայութիւն պիտի մտնէ։ ԽՔ 6 ( Աւելին ալ կ՚ըսեմ ձեզի.– Պարանը շատ աւելի դիւրին ասեղի ծակէն կը մտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը։ Աշակերտները երբ ասիկա լսեցին, շատ զարմացան եւ հարցուցին. – Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ։ Յիսուս նայեցաւ անոնց եւ ըսաւ. – Մարդոց համար ատիկա անկարելի է, բայց Աստուծոյ համար ամէն բան կարելի է։ Ասոր վրայ Պետրոս ըսաւ. – Ահա մեր ամբողջ ունեցածը ձգեցինք եւ հետեւեցանք քեզի. մե՞նք ինչ պիտի ըլլանք։ Յիսուս պատասխանեց. – Երկրորդ գալուստին, երբ Մարդու Որդին իր փառքի աթոռին բազմի, դուք որ ինծի հետեւեցաք՝ պիտի բազմիք տասներկու գահերու վրայ, դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը։ Եւ ով որ ձգեց տուն, եղբայրներ, քոյրեր, հայր ու մայր, կին ու զաւակներ եւ ագարակներ՝ ինծի համար, հարիւրապատիկը պիտի ստանայ եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգէ։ Բայց շատեր որոնք հիմա առաջին են՝ վերջին պիտի ըլլան, եւ շատ մը վերջին եղողներ՝ առաջին։ Արդարեւ, երկինքի արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.– Կալուածատէր մարդ մը կար, որ առաւօտ կանուխ գնաց մշակներ վարձելու՝ որպէսզի իր այգիին մէջ աշխատին։ Եւ մշակներուն հետ օրական մէկ արծաթ դահեկանի համաձայնելէ ետք, զանոնք ղրկեց իր այգին։ Ժամը իննի ատենները դարձեալ գնաց եւ հրապարակին վրայ ուրիշներ ալ տեսաւ, որոնք անգործ կեցած էին։ ( Ասոնց ալ ըսաւ. «Դուք ալ այգիս գացէք եւ ինչ որ է ձեր իրաւունքը պիտի տամ ձեզի»։ Անոնք ալ գացին։ Յետոյ կէսօրուան դէմ եւ կէսօրէ ետք ժամը երեքի ատենները կրկին գնաց եւ նոյնը ըրաւ։ Ժամը հինգի ատենները երբ հրապարակ գնաց, դարձեալ պարապ կեցած մշակներ տեսաւ։ Ասոնց հարցուց. «Ինչո՞ւ ամբողջ օրը պարապ կեցեր էք հոս»։ «Որովհետեւ մէկը չվարձեց մեզ»,– պատասխանեցին անոնք։ Անոնց ըսաւ. «Դուք ալ այգի գացէք եւ ինչ որ է ձեր իրաւունքը՝ պիտի ստանաք»։ Երբ իրիկուն եղաւ, այգիին տէրը գործավարին ըսաւ. «Կանչէ մշակները եւ իրենց օրականը տուր, վերջին եկողներէն սկսելով մինչեւ առաջինները»։ Անոնք որոնք ժամը հինգի ատենները վարձուած էին, մէկական արծաթ դահեկան ստացան։ Առաւօտեան վարձուածներուն կարգը որ եկաւ, կը կարծէին թէ աւելի պիտի ստանան, բայց անոնք ալ մէկական արծաթ դահեկան ստացան։ Երբ օրականը առին, սկսան տիրոջ դէմ տրտնջալ, ըսելով. «Վերջին եկողները միայն մէկ ժամ աշխատեցան, մինչ մենք ամբողջ օրը արեւուն տակ աշխատեցանք. հակառակ ասոր, դուն մեզ անոնց հաւասար նկատեցիր»։ Կալուածատէրը անոնցմէ մէկուն պատասխանեց, ըսելով. «Բարեկա՛մ, ես քեզ չզրկեցի, դուն մէկ արծաթ դահեկանով չհամաձայնեցա՞ր ինծի հետ. ա՛ռ օրականդ ու գնա՛։ Ես վերջին եկողներուն ալ քու առածիդ չափ կ՚ուզեմ տալ. ես իրաւունք չունի՞մ դրամս ուզածիս պէս գործածելու. կամ կը նախանձի՞ս որ ես այսպէս առատաձեռն եմ»։ Եւ Յիսուս եզրակացուց. – Այսպէս ալ, անոնք որոնք հիմա վերջին են՝ առաջին պիտի ըլլան, եւ առաջին եղողները՝ վերջին։ Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ։ Եւ մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կ՚երթար, մէկ կողմ առաւ տասներկու աշակերտները եւ ճամբու ընթացքին ըսաւ անոնց. – Ահա Երուսաղէմ կ՚երթանք, ուր Մարդու Որդին պիտի մատնուի աւագ քահանաներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ձեռքը, որոնք զինք մահուան պիտի դատապարտեն եւ ապա յանձնեն հեթանոսներուն, որոնք պիտի ծաղրեն զինք, ծեծեն եւ խաչը հանեն. բայց երրորդ օրը անիկա յարութիւն պիտի առնէ։ Այն ատեն Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը իր զաւակներուն հետ մօտեցաւ Յիսուսի եւ ծունկի գալով անկէ բան մը կը խնդրէր։ – Ի՞նչ կ՚ուզես,– հարցուց Յիսուս։ Անիկա պատասխանեց. – Խոստացիր, որ իմ այս երկու զաւակներս քու արքայութեանդ մէջ մէկը աջ կողմդ եւ միւսը ձախ կողմդ պիտի նստին։ Յիսուս պատասխանեց. – Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ուզէք։ Կրնա՞ք խմել տառապանքի այն բաժակէն, որմէ ես պիտի խմեմ, կամ կրնա՞ք յանձն առնել այն մկրտութիւնը, որով ես պիտի մկրտուիմ։ – Կրնանք,– պատասխանեցին անոնք։ Յիսուս ըսաւ անոնց. –Արդարեւ դուք պիտի խմէք այն բաժակէն, որմէ ես պիտի խմեմ եւ մկրտուիք այն մկրտութեամբ, որով ես պիտի մկրտուիմ, բայց իմ աջ եւ ձախ կողմս նստեցնելու իրաւունքը իմս չէ, այլ այդ տեղերը Հայրս պիտի տայ անոնց՝ որոնց համար պատրաստած է։ Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին ասիկա, բարկացան երկու եղբայրներուն վրայ։ Յիսուս բոլորն ալ իր մօտ կանչեց եւ ըսաւ. – Գիտէք որ ազգերու իշխանները կը տիրեն իրենց հպատակներուն վրայ եւ ղեկավարները կ՚իշխեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ։ Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ։ Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր սպասաւորը ըլլայ, եւ եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ՝ պէտք է ձեր ծառան ըլլայ, որովհետեւ Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկաւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու։ Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները Երիքովէն դուրս կ՚ելլէին, մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն։ Ճամբու եզերքին նստած երկու կոյրեր, երբ լսեցին որ Յիսուս կ՚անցնի, սկսան աղաղակել. – Ողորմէ՛ մեզի, Յիսո՜ւս, Դաւիթի՛ Որդի։ – Ժողովուրդը սաստեց զանոնք որ լռեն, բայց անոնք աւելի բարձր ձայնով շարունակեցին աղաղակել. – Ողորմէ՛ մեզի, Տէ՜ր, Դաւիթի՛ Որդի։ Յիսուս կանգ առաւ, իր մօտ կանչեց կոյրերը եւ հարցուց. – Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ ձեզի։ Անոնք պատասխանեցին. – Տէ՛ր, թող մեր աչքերը բացուին։ Յիսուս գթաց եւ անոնց աչքերուն դպաւ։ Կոյրերը անմիջապէս սկսան տեսնել եւ հետեւեցան Յիսուսի։ Երբ Երուսաղէմի մօտեցան եւ հասան Բեթփագէ, Ձիթենեաց լերան կողին, Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով. – Գացէք սա դիմացի գիւղը եւ անմիջապէս հոն կապուած էշ մը պիտի գտնէք իր աւանակին հետ. քակեցէք եւ ինծի բերէք։ Եւ եթէ մէկը առարկէ, ըսէք. « Տէրը պէտք ունի», եւ անմիջապէս թոյլ պիտի տայ ձեզի։ Ասիկա պատահեցաւ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը ըսած էր մարգարէին բերնով.– «Երուսաղէմի ըսէք.– Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ»։ Աշակերտները գացին եւ կատարեցին ինչ որ Յիսուս պատուիրեց իրենց։ Բերին էշն ու աւանակը եւ իրենց վերարկուները անոնց վրայ դրին։ Ապա Յիսուս նստաւ աւանակին վրայ։ Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ։ Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ՚երթար կամ կը հետեւէր իրեն, կ՚աղաղակէր.– «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին, օրհնեալ է ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին»։ Երբ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ, ամբողջ քաղաքը դղրդեցաւ։ – Ո՞վ է ասիկա,– կը հարցնէին քաղաքի բնակիչները։ Եւ ամբոխը կը պատասխանէր. – Ասիկա Յիսուս մարգարէն է, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն։ Ապա Յիսուս տաճար մտաւ եւ դուրս վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք տաճարի շրջափակին մէջ առուծախ կ՚ընէին. լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնեվաճառներուն աթոռները շրջեց եւ ըսաւ անոնց. – Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի», մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք։ Տաճարին մէջ Յիսուսի մօտեցան կոյրեր ու կաղեր, եւ անիկա բժշկեց զանոնք։ Երբ աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները տեսան Յիսուսի կատարած հրաշքները եւ լսեցին աղաղակը մանուկներուն, որոնք տաճարին մէջ կը գոչէին. «Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին», բարկացան եւ Յիսուսի ըսին. – Կը լսե՞ս ինչ կ՚ըսեն ատոնք։ Յիսուս պատասխանեց. – Այո՛, չէ՞ք կարդացած Սուրբ գիրքին սա խօսքը, թէ «Մանուկներու եւ կաթնկեր երեխաներու բերնով գովեստ հիւսեցիր»։ Ապա Յիսուս զանոնք ձգելով քաղաքէն դուրս ելաւ՝ դէպի Բեթանիա, եւ հոն գիշերեց։ Յաջորդ առաւօտ, երբ Յիսուս քաղաք կը վերադառնար, անօթեցաւ։ Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով՝ մօտեցաւ անոր, բայց տերեւէ զատ ոչինչ գտաւ։ Ուստի ըսաւ. – Ասկէ ետք յաւիտեան պտուղ չունենաս։ Եւ վայրկեանին թզենին չորցաւ։ Աշակերտները երբ տեսան ասիկա՝ զարմացան եւ հարցուցին. – Ինչպէ՞ս թզենին վայրկեանին չորցաւ։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Վստահ եղէք, որ եթէ հաւատք ունենաք եւ չկասկածիք, ո՛չ միայն պիտի կարենաք կատարել թզենիին պատահածը, այլ նոյնիսկ եթէ այս լերան ըսէք՝ «Ել եւ ծով ինկիր», պիտի կատարուի։ Եւ աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք։ Ապա Յիսուս տաճար եկաւ։ Մինչ կ՚ուսուցանէր, իրեն մօտեցան աւագ քահանաները եւ ժողովուրդի երէցները, ու հարցուցին. – Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները։ Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Լա՛ւ, ես ալ ձեզի հարցում մը ունիմ. եթէ պատասխանէք ինծի, ես ալ ձեզի կ՚ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ ասոնք։ Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը ուրկէ՞ էր. Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն, թէ մարդոցմէ։ Անոնք սկսան իրարու միջեւ խորհիլ եւ ըսել.– «Եթէ ըսենք՝ Աստուծմէ տրուած էր, մեզի պիտի ըսէ թէ ինչո՛ւ չհաւատացիք իրեն. իսկ Մարդոցմէ էր չենք կրնար ըսել՝ ժողովուրդէն վախնալով, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ Յովհաննէս ճշմարտապէս մարգարէ է»։ Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի. – Չենք գիտեր։ Յիսուս ալ անոնց ըսաւ. – Այն ատեն ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այս բաները։ – Արդ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ Մարդ մը երկու զաւակներ ունէր։ Առաջին զաւակին գնաց ու ըսաւ. «Տղա՛ս, այսօր այգի գնա աշխատելու»։ Անիկա պատասխանեց, ըսելով. «Կ՚երթամ, հայրիկ». բայց չգնաց։ Ապա հայրը միւս զաւակին գնաց եւ նոյնը ըսաւ։ Երկրորդ զաւակը պատասխանեց. «Չեմ երթար». բայց յետոյ զղջաց ու գնաց։ Արդ, այս երկուքէն ո՞ր մէկը իր հօրը կամքը կատարած եղաւ։ – Երկրորդը,– պատասխանեցին։ Եւ Յիսուս ըսաւ. – Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները պիտի կանխեն ձեզ եւ ձեզմէ առաջ պիտի մտնեն Աստուծոյ արքայութիւնը։ Որովհետեւ Յովհաննէս եկաւ եւ ձեզի արդար կեանքի մը ճամբան ցոյց տուաւ, բայց դուք չհաւատացիք անոր, մինչ մաքսաւորներն ու պոռնիկները հաւատացին։ Նոյնիսկ ասիկա տեսնելէ ետք չզղջացիք ու չհաւատացիք իրեն։ – Այս առակն ալ լսեցէք։ Կալուածատէր մարդ մը կար, որ այգի մը տնկեց, չորս կողմէն ցանկապատեց, հնձանի համար փոսը փորեց, աշտարակ մըն ալ շինեց եւ զայն վարձու տուաւ մշակներու, իսկ ինք ուրիշ երկիր մեկնեցաւ։ Երբ այգեկութքի ժամանակը եկաւ, իր ծառաները ղրկեց մշակներուն մօտ՝ բերքէն իր բաժինը առնելու համար։ Մշակները ծառաները բռնեցին, մէկը ծեծեցին, միւսը սպաննեցին, ուրիշ մըն ալ քարկոծեցին։ Այգիին տէրը դարձեալ ծառաներ ղրկեց, նախկինէն շատ աւելի թիւով, բայց ասոնց ալ նոյնը ըրին։ Ամենէն վերջը իր որդին ղրկեց անոնց՝ մտածելով. «Թերեւս իմ որդիէս պատկառին»։ Բայց մշակները երբ տեսան որդին՝ իրենք իրենց ըսին. «Ասիկա է ժառանգորդը, եկէք սպաննենք զայն, որպէս զի անոր ժառանգութեան տիրանանք»։ Ուստի այգիէն դուրս հանեցին զայն եւ սպաննեցին։ Եւ Յիսուս հարցուց. – Արդ, երբ այգիին տէրը գայ, ի՞նչ պիտի ընէ այդ մշակներուն։ Անոնք պատասխանեցին. – Վստահաբար այդ չար մարդիկը չարաչար պիտի սպաննէ եւ այգին վարձու տայ ուրիշ մշակներու, որոնք բերքի իր բաժինը ժամանակին պիտի տան իրեն։ Ապա Յիսուս ըսաւ. – Սուրբ գիրքերուն մէջ չէ՞ք կարդացած.– «Այն քարը որ շինողները մերժեցին գործածել, ինք անկիւնաքարը եղաւ։ Ասիկա Տէրը կատարեց, ու մեր աչքերուն սքանչելի է»։ Ասոր համար կ՚ըսեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ արքայութիւնը ձեզմէ պիտի առնուի եւ տրուի ժողովուրդի մը, որ պտղաբեր կը դարձընէ զայն։ Ով որ այդ քարին զարնուի՝ պիտի խորտակուի, եւ որուն վրայ որ անիկա իյնայ՝ պիտի ճզմէ զայն։ Երբ աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչները եւ Փարիսեցիները լսեցին այս առակները, հասկցան որ իրենց համար ըսաւ։ Կ՚ուզէին ձերբակալել Յիսուսը, բայց վախցան ժողովուրդէն, որ զայն իբրեւ մարգարէ կ՚ընդունէր։ Իբր պատասխան, Յիսուս դարձեալ առակներով ըսաւ ժողովուրդին. – Երկինքի արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.– Թագաւոր մը իր որդիին համար հարսանիք սարքեց։ Անիկա իր ծառաները ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալները հարսանիքի կանչեն, սակայն հրաւիրեալները մերժեցին գալ։ ԽՔ 6 ( Դարձեալ ուրիշ ծառաներ ալ ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով. «Ըսէք հրաւիրեալներուն.– Ճաշկերոյթը պատրաստ է, զուարակներս եւ պարարտ կենդանիները մորթուած են, ու ամէն ինչ կազմ ու պատրաստ է. հրամմեցէ՛ք հարսանիքի»։ ԽՔ 6 ( Բայց հրաւիրեալները կարեւորութիւն չտուին. մէկը իր ագարակը գնաց, միւսը իր առեւտուրին, իսկ ուրիշներ ալ ծառաները բռնեցին ծեծեցին եւ սպաննեցին։ Թագաւորը երբ ասիկա լսեց, բարկացաւ եւ իր զինուորները ղրկեց, որոնք ոճրագործները սպաննեցին եւ անոնց քաղաքն ալ այրեցին։ Յետոյ թագաւորը ըսաւ իր ծառաներուն. «Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրեալները արժանի չէին։ Հիմա հրապարակ գացէք եւ ո՛վ որ գտնէք՝ հրաւիրեցէ՛ք հարսանիքի»։ Ծառաները ճամբաները ելլելով՝ հաւաքեցին բոլոր անոնք որ գտան, թէ՛ չարերը եւ թէ՛ բարիները, եւ հարսանիքի սրահը լեցուեցաւ հրաւիրեալներով։ Երբ թագաւորը ներս մտաւ դիտելու համար հրաւիրեալները, տեսաւ մէկը որ հարսանիքի պատշաճ հագուստ չէր հագած ու ըսաւ անոր. «Բարեկա՛մ, ի՞նչպէս հոս մտար առանց հարսանիքի հագուստ ունենալու»։ Մարդը պապանձեցաւ։ Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. «Կապեցէ՛ք անոր ոտքերն ու ձեռքերը եւ դուրսը խաւարին մէջ նետեցէք. հոն անիկա թող լայ եւ ակռաները կրճտէ»։ Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ։ Ասոր վրայ Փարիսեցիները գացին եւ խորհրդակցեցան թէ ի՛նչպէս կրնան Յիսուսը իր խօսքերով ծուղակը ձգել։ Եւ Յիսուսի ղրկեցին իրենց աշակերտներէն ոմանք, Հերովդէսի կողմնակիցներուն հետ միասին։ Ասոնք ըսին Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, գիտենք որ ճշմարտախօս ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ կամքը կ՚ուսուցանես՝ առանց հոգ ընելու թէ ուրիշներ ինչ կ՚ըսեն, որովհետեւ աչառութիւն չես ըներ։ Ուրեմն ըսէ՛ մեզի, ի՞նչ կը կարծես, մեր Օրէնքին համաձայն պէ՞տք է կայսրին տուրք տանք, թէ ոչ։ Յիսուս հասկցաւ անոնց չարամտութիւնը եւ ըսաւ. – Կեղծաւորնե՛ր, ինչո՞ւ կը փորձէք զիս։ Ցոյց տուէք ինծի տուրքի արծաթ դրամը։ Եւ անոնք ալ բերին դրամը։ Ապա հարցուց. – Ասիկա որո՞ւն պատկերն ու արձանագրութիւնն է։ Անոնք պատասխանեցին. – Կայսրին։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. – Գացէք եւ ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք, եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք։ Ասիկա լսելով զարմացան եւ ձգեցին ու գացին։ Նոյն օրը Սադուկեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի մօտ։ Սադուկեցիները կ՚ըսեն թէ մեռելներու յարութիւն չկայ։ Անոնք ըսին Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, Մովսէս մեզի հետեւեալը սորվեցուց.– «Եթէ մէկը մեռնի առանց զաւակ ունենալու, մարդուն եղբայրը պէտք է ամուսնանայ այրիին հետ, որպէսզի իր եղբօրը զաւակ տայ»։ Արդ, ժամանակին մեր մօտ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը ամուսնացաւ եւ մեռաւ առանց զաւակ ունենալու, ուստի իր կինը ձգեց իր եղբօր։ Նոյնը պատահեցաւ երկրորդին, երրորդին, մինչեւ եօթներորդին։ Բոլորէն վերջ կինն ալ մեռաւ։ Արդ, մեռելներու յարութեան օրը, կինը այդ եօթէն որո՞ւն պիտի պատկանի, քանի բոլորն ալ ամուսնացան անոր հետ։ Յիսուս պատասխանեց. – Մոլորածներ էք, որովհետեւ չէք հասկնար ո՛չ Սուրբ գիրքերը եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը։ Երբ մեռելները յարութիւն առնեն, այլեւս պիտի չամուսնանան, այլ՝ երկինքի հրեշտակներուն նման պիտի ըլլան։ Իսկ մեռելներու յարութեան մասին չէ՞ք կարդացած ինչ որ Աստուած ըսաւ ձեզի. «Ես եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը» ։ Կը նշանակէ թէ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, այլ՝ ողջերուն։ Երբ ժողովուրդը լսեց ասիկա, զարմացաւ անոր ուսուցումին վրայ։ Երբ Փարիսեցիները լսեցին թէ Յիսուս Սադուկեցիները պապանձեցուց, իրարու քով եկան։ Անոնցմէ մէկը, Մովսիսական Օրէնքի մասնագէտ մը, Յիսուսը փորձելու համար հարցուց. – Վարդապե՛տ, Օրէնքին մէջ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը։ Յիսուս ըսաւ անոր. – «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ»։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը ատոր նման է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները։ Երբ Փարիսեցիները հաւաքուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց. – Ի՞նչ կը խորհիք Քրիստոսին մասին։ Որո՞ւն Որդին է ան։ Անոնք պատասխանեցին. – Դաւիթի։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ուրեմն ինչպէ՞ս Դաւիթ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ զայն Տէր կը կոչէ ու կ՚ըսէ.– «Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ.– Աջ կողմս նստէ, մինչեւ որ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»։ Արդ, եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս անոր որդին կ՚ըլլայ։ Ոչ ոք կրցաւ պատասխան տալ Յիսուսի, եւ այդ օրուընէ սկսեալ ոեւէ մէկը չէր համարձակեր իրեն հարցում ուղղել։ Ապա Յիսուս ժողովուրդին եւ իր աշակերտներուն ըսաւ. – Մովսէսի աթոռը նստան Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները ։ Իրենց ըսածներուն հնազանդեցէք եւ կատարեցէք զանոնք. սակայն մի՛ ընէք ինչ որ իրենք կ՚ընեն. որովհետեւ անոնք կը սորվեցնեն, բայց չեն կատարեր։ Անոնք ծանր եւ դժուարակիր բեռներ կը դնեն մարդոց ուսերուն, մինչ իրենք նոյն բեռները կրելու նուազագոյն ճիգն իսկ չեն ըներ։ Ինչ որ կ՚ընեն, մարդոց երեւելու համար կ՚ընեն։ Իրենց գրապանակները կը լայնցնեն եւ իրենց հագուստներուն ծոպերը կ՚երկնցնեն։ Ընթրիքներու ընթացքին պատուոյ տեղերը գրաւել կը սիրեն եւ ժողովարաններու մէջ՝ առաջին աթոռները։ Կը սիրեն հրապարակներու վրայ մարդոցմէ բարեւներ ընդունիլ եւ « վարդապետ », այսինքն « ուսուցիչ » կոչուիլ։ Բայց դուք ոեւէ մէկը «վարդապետ» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք բոլորդ եղբայրներ էք եւ մէկ ուսուցիչ ունիք։ Երկրի վրայ ոեւէ մէկը «հայր» մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք մէկ Հայր ունիք, որ երկինքի մէջ է։ « Առաջնորդ » մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է։ Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։ Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։ – Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ երկինքի արքայութիւնը կը փակէք մարդոց առջեւ. դուք չէք մտներ եւ թոյլ չէք տար նաեւ անոնց՝ որ կ՚ուզեն մտնել։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մէկ կողմէ այրիներուն տուները իրենց ձեռքէն կը յափշտակէք, միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ ձեր աղօթքը կ՚երկարէք. ասոր համար աւելի խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունիք։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մէկ կողմէ ծով ու ցամաք կը շրջիք մէկը նորահաւատ ընելու համար, իսկ երբ յաջողիք՝ զայն ձեզմէ կրկնապատիկ աւելի դժոխքի արժանի կ՚ընէք։ Վա՜յ ձեզի, կո՛յր առաջնորդներ։ Կ՚ըսէք. «Ան որ տաճարին վրայ կ՚երդնու՝ երդումը կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ, բայց ան որ տաճարին ոսկիին վրայ կ՚երդնու՝ պարտաւոր է կատարելու»։ Յիմարնե՛ր, կոյրե՛ր, ո՞ր մէկը կարեւոր է, ոսկի՞ն թէ տաճարը, որ կը սրբագործէ ոսկին։ Կամ կ՚ըսէք. «Ան որ զոհարանին վրայ երդում կ՚ընէ՝ երդումը կատարելու պարտաւորութեան տակ չէ, բայց ան որ կ՚երդնու զոհարանին դրուած զոհին վրայ՝ պարտաւոր է կատարելու»։ Յիմարնե՛ր, կոյրե՛ր, ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է. զո՞հը թէ զոհարանը, որ կը սրբագործէ զոհը։ Հետեւաբար, ով որ կ՚երդնու զոհարանին վրայ, կ՚երդնու թէ՛ զոհարանին եւ թէ՛ հոն եղածներուն վրայ։ Ով որ կ՚երդնու տաճարին վրայ, կ՚երդնու թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ Աստուծոյ վրայ, որ հոն կը բնակի։ Նոյնպէս, ով որ կ՚երդնու երկինքին վրայ, կ՚երդնու թէ՛ Աստուծոյ գահին եւ թէ՛ Աստուծոյ վրայ, որ հոն կը նստի։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ անանուխին, սամիթին ու չամանին տասանորդը կու տաք եւ կ՚անտեսէք Օրէնքին կարեւոր պարտաւորութիւնները, այսինքն՝ արդարութիւնը, ողորմութիւնը եւ հաւատարմութիւնը։ Ասոնք պէտք էր գործադրել, առանց միւսները անտեսելու։ Կո՛յր առաջնորդներ, մէկ կողմէ մժղուկը կը քամէք, միւս կողմէ սակայն ուղտը կը կլլէք։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ պնակին եւ գաւաթին արտաքինը կը մաքրէք, մինչ գիտէք թէ ներսիդին եղող ուտելիքն ու խմելիքը ի՜նչ յափշտակութեամբ եւ աղտեղութեամբ ձեռք բերած էք։ Կո՛յր Փարիսեցի, նախ գաւաթին եւ պնակին ներսը մաքրէ. այսպիսով դուրսն ալ մաքուր կ՚ըլլայ։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը նմանիք կիրով ճերմկցուած գերեզմաններու, որոնք արտաքնապէս գեղեցիկ կ՚երեւին, բայց ներքնապէս լեցուն են մեռելներու ոսկորներով եւ ամէն տեսակի պղծութեամբ։ Նոյնպէս էք դուք. արտաքնապէս մարդոց արդար կ՚երեւիք, բայց ներքնապէս լեցուն էք կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ։ Վա՜յ ձեզի, կեղծաւորնե՛ր, Օրէնքի ուսուցիչներ եւ Փարիսեցիներ, որ մարգարէներու շիրիմները կը շինէք եւ արդարներուն գերեզմանները կը զարդարէք ու կ՚ըսէք. «Եթէ մենք մեր հայրերուն ժամանակը ապրած ըլլայինք, մարգարէներու սպանութեան մասնակից պիտի չըլլայինք»։ Ահաւասիկ դուք արդէն իսկ կը վկայէք թէ որդիներն էք անոնց, որոնք մարգարէները կոտորեցին։ Գացէք ամբողջացուցէ՛ք ձեր հայրերուն կիսատ ձգած գործը։ Օձե՛ր, իժերո՛ւ ծնունդներ, ինչպէ՞ս պիտի կարենաք փախուստ տալ դժոխքի դատապարտութենէն։ Ահա ես ձեզի մարգարէներ, իմաստուններ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ պիտի ղրկեմ, դուք անոնցմէ ոմանք պիտի սպաննէք, ոմանք խաչէք, ուրիշներ ժողովարաններու մէջ պիտի գանակոծէք եւ հալածէք քաղաքէ քաղաք։ Այսպիսով՝ բոլոր արդարներուն սպանութեան մասնակից եղած պիտի ըլլաք, սկսեալ անմեղ Աբէլի արիւնէն մինչեւ արիւնը Բարաքիայի որդիին՝ Զաքարիայի, որ սպաննեցիք տաճարին եւ զոհարանին մէջտեղ։ Հաստատ գիտցէք, թէ այս բոլոր ոճիրներուն պատիժը պիտի կրէք։ – Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, որ կը կոտորէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր Աստուծոյ քեզի ղրկած մարդիկը. քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ, բայց դո՛ւք, Երուսաղէմի բնակիչներ, չուզեցիք։ Ահա «աւերակ պիտի ըլլայ ձեր տունը»։ Բայց կ՚ըսեմ նաեւ, ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ որ ըսէք. «Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով»։ Յիսուս տաճարէն դուրս ելլելով կ՚երթար, երբ աշակերտները մօտեցան իրեն՝ ցոյց տալու համար տաճարին շինութիւնները։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Այս բոլոր շինութիւնները կը տեսնէք, չէ՞. կ՚ըսեմ ձեզի, որ ամէնքն ալ պիտի քանդուին, քար քարի վրայ պիտի չմնայ։ Եւ մինչ Յիսուս նստած էր Ձիթենեաց լերան վրայ, աշակերտները առանձինն հարցուցին իրեն. – Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի պատահի ատիկա. ի՞նչ նշանով պիտի գիտնանք թէ ե՛րբ պիտի ըլլայ քու գալուստդ եւ աշխարհի վախճանը։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Զգո՛յշ եղէք, չըլլայ որ մէկը ձեզ խաբէ, որովհետեւ շատեր պիտի գան իմ անունովս եւ ըսեն՝ թէ «Ես եմ Քրիստոսը », եւ պիտի մոլորեցնեն շատերը։ Դուք պիտի լսէք պատերազմներու ձայները եւ պատերազմներու լուրերը. զգո՛յշ եղէք, մի՛ խռովիք, որովհետեւ պէտք է որ ատոնք պատահին։ Բայց ասիկա չի՛ նշանակեր թէ աշխարհի վախճանն է։ Ազգեր իրարու դէմ պիտի կռուին ու թագաւորութիւններ՝ թագաւորութիւններու դէմ։ Զանազան տեղեր սով, համաճարակ եւ երկրաշարժներ տեղի պիտի ունենան, բայց այս բոլորը դեռ երկունքին սկիզբն են։ Այն ատեն ձեզ նեղութեան պիտի մատնեն ու սպաննեն եւ բոլոր ազգերը պիտի ատեն ձեզ իմ պատճառովս։ Այն ատեն շատեր իրենց հաւատքը պիտի կորսնցնեն, զիրար պիտի մատնեն եւ զիրար պիտի ատեն։ Յետոյ բազմաթիւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն ու շատերը մոլորեցնեն։ Անօրէնութեան բազմանալուն պատճառով շատերուն սէրը պիտի ցամքի։ Բայց ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ՝ անիկա պիտի փրկուի։ Արքայութեան Աւետարանը պիտի քարոզուի ամբողջ աշխարհի մէջ՝ իբրեւ վկայութիւն բոլոր ժողովուրդներուն. եւ ապա պիտի գայ վախճանը։ Երբ սուրբ վայրին վրայ կանգնած տեսնէք «Աւերուածին սրբապղծութիւնը», որուն մասին խօսած է Դանիէլ մարգարէ, կարդացողը թող հասկնայ այն ատեն անոնք որոնք Հրէաստանի մէջ են՝ թող լեռները փախչին, ան որ տանիքն է՝ վար իջնելէ ետք թող տուն չմտնէ բան մը առնելու համար, եւ ան որ դաշտն է՝ թող ետ չդառնայ վերարկուն առնելու համար։ Այդ օրերուն վա՜յ է եկեր յղիներուն եւ ստնտու կիներուն։ Աղօթեցէք որ ձեր փախուստը ձմեռ ատեն կամ Շաբաթ օր չպատահի։ Որովհետեւ այնպիսի՛ մեծ նեղութեան օրեր պիտի գան, որոնց նմանը աշխարհի ստեղծագործութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր չէ պատահած եւ ոչ ալ պիտի պատահի։ Եւ եթէ Աստուած այդ օրերուն թիւը նուազեցուցած չըլլար՝ ո՛չ մէկը պիտի փրկուէր։ Բայց իր ընտրեալներուն համար Աստուած այդ օրերը պիտի նուազեցնէ։ Այն ատեն երբ մէկը ձեզի ըսէ՝ «Ահաւասիկ հոս է Քրիստոսը », կամ ըսէ՝ «հոն է», մի՛ հաւատաք, որովհետեւ սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն եւ մեծ հրաշքներ ու նշաններ կատարեն՝ որպէսզի մոլորեցնեն, եթէ կարենան, նոյնիսկ Աստուծոյ ընտրեալները։ Ահաւասիկ ամէն ինչ սկիզբէն ըսի ձեզի։ Հետեւաբար, եթէ ըսեն ձեզի՝ «Ահաւասիկ անապատին մէջ է ան», հոն մի՛ երթաք. եւ կամ եթէ ըսեն՝ «Մառանին մէջ է», մի՛ հաւատաք։ Որովհետեւ Մարդու Որդին պիտի գայ կայծակի նման, որ երբ փայլատակէ՝ կը լուսաւորէ ամբողջ երկնակամարը, արեւելքէն արեւմուտք։ Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ։ – Նեղութեան այդ օրերէն անմիջապէս ետք արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնային մարմինները պիտի սասանին։ Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը։ Թզենին ձեզի թող օրինակ ըլլայ։ Երբ տեսնէք որ անոր ճիւղերը կը կակուղնան եւ տերեւ կ՚արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս ալ, երբ բոլոր ըսածներս կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ։ Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին։ Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան։ – Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ ալ Որդին, բայց միայն՝ Հայրը։ Եւ ինչպէս պատահեցաւ Նոյի օրերուն, նոյնը պիտի պատահի Մարդու Որդիին գալուստի ժամանակ։ Այդ օրերուն, երբ տակաւին ջրհեղեղը չէր պատահած, մարդիկ կ՚ուտէին ու կը խմէին, այր կամ կին կ՚առնէին, մինչեւ այն օրը՝ երբ Նոյ տապան մտաւ. բայց ժողովուրդը չգիտցաւ՝ մինչեւ որ ջրհեղեղը սկսաւ եւ բոլորը բնաջնջեց։ Ահա այդպէս պիտի պատահի Մարդու Որդիին գալուստին ժամանակ։ Այն ատեն, երբ դաշտին մէջ երկու հոգի ըլլան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ երկու կին մէկ ջաղացքի մէջ ցորեն աղան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի։ Արթո՛ւն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ ձեր Տէրը ե՛րբ կու գայ։ Այս ալ գիտցէք, որ եթէ տանտէրը գիտնար՝ թէ գողը ո՛ր ժամուն պիտի գայ, արթուն կը մնար եւ թոյլ չէր տար որ գողը պատը քանդելով տունը մտնէ։ Այս պատճառով, դուք ալ պատրաստ եղէք, որովհետեւ Մարդու Որդին ձեր չակնկալած ժամուն կրնայ գալ։ – Ուրեմն, ո՞վ է հաւատարիմ եւ իմաստուն ծառան։ Անիկա է, որ տէրը իր ծառաներուն վրայ վերակացու կը կարգէ, որպէսզի ճիշդ ատենին կերակուրի անոնց բաժինը տայ։ Երանի՜ այն ծառային, որուն տէրը երբ կու գայ՝ զինք կը գտնէ իր պաշտօնը լաւապէս կատարած։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ տէրը այդ ծառան իր բոլոր ստացուածքներուն վերակացու պիտի կարգէ։ Սակայն երբ ծառան չար ըլլայ եւ ինքնիրեն խորհի՝ ըսելով. «Տէրս կ՚ուշանայ գալու», եւ սկսի իր ծառայակիցները ծեծել, գինովներու հետ ուտել ու խմել, յանկարծ իր չակնկալած ատենին եւ չսպասած ժամուն տէրը պիտի գայ, եւ այն ատեն զայն խստութեամբ պիտի պատժէ, կեղծաւորներուն կարգին դասելով։ Հոն պիտի լայ եւ ակռաները կրճտէ։ Այն ատեն երկինքի թագաւորութիւնը պիտի նմանի հետեւեալին.– Տասը կոյսեր կային, որոնք իրենց լապտերները առած՝ դիմաւորելու ելան փեսան: Անոնցմէ հինգը յիմար էին, իսկ միւս հինգը՝ իմաստուն։ Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ պահեստի ձէթ չառին, մինչդեռ իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ սրուակով ձէթ առին։ Եւ երբ փեսան ուշացաւ գալու, բոլորն ալ թմրեցան ու քնացան։ Կէս գիշերին կանչ մը լսուեցաւ. «Ահա փեսան կու գայ, զայն դիմաւորելու ելէք»։ Կոյսերը արթնցան եւ սկսան իրենց լապտերները կարգի դնել։ Յիմար կոյսերը իմաս տուններուն ըսին. «Ձեր ձէթէն քիչ մը մեզի տուէք, որովհետեւ մեր լապտերները ահա կը մարին»։ Իմաստուն կոյսերը պատասխանեցին. «Ո՛չ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ մեզի եւ ձեզի չբաւէ. աւելի լաւ կ՚ըլլայ որ երթաք խանութպաններուն եւ ձեզի համար ձէթ գնէք»։ Երբ անոնք ձէթ գնելու գացին, փեսան եկաւ, եւ պատրաստ եղողները փեսային հետ հարսանիքի մտան, եւ դուռը գոցուեցաւ։ Քիչ ետք եկան միւս կոյսերը եւ ըսին. «Տէ՛ր, Տէ՜ր, դուռը բա՛ց մեզի»։ Փեսան պատաս խանեց. «Իսկապէս որ չեմ ճանչնար ձեզ»։ Ապա Յիսուս եզրակացուց. – Ուրեմն՝ արթո՛ւն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր Մարդու Որդիին գալուն ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը։ – Դարձեալ, երկինքի արքայութիւնը պիտի նմանի հետեւեալին.– Մարդ մը կար, որ երբ ուրիշ երկիր պիտի երթար, կանչեց իր ծառաները եւ անոնց յանձնեց իր ստացուածքը, որ շահարկեն։ Եւ համաձայն անոնց կարողութիւններուն, մէկուն տուաւ հինգ հարիւր ոսկի դրամ, միւսին՝ երկու հարիւր եւ ուրիշի մը՝ հարիւր։ Եւ ապա ճամբորդեց։ Ծառաներէն ան որ հինգ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, անմիջապէս գնաց, շահարկութեան դրաւ եւ հինգ հարիւր եւս շահեցաւ։ Նոյն ձեւով, ան որ երկու հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, երկու հարիւր ալ շահեցաւ։ Բայց ան որ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, գնաց հողը փորեց եւ իր տիրոջ դրամը հոն պահեց։ Բաւական ժամանակ ետք, այդ ծառաներուն տէրը եկաւ եւ անոնցմէ հաշիւ պահանջեց։ ԽՔ 6 ( Ան որ հինգ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, հինգ հարիւր եւս բերաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, ինծի հինգ հարիւր ոսկի դրամ տուիր, ահաւասիկ հինգ հարիւր եւս շահեցայ»։ Տէրը ըսաւ. «Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ, եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան»։ Ան որ երկու հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, ինծի երկու հարիւր ոսկի դրամ տուիր, ահաւասիկ երկու հարիւր ալ շահեցայ»։ Տէրը ըսաւ. «Ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ։ Դո՛ւն ալ եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան»։ Յետոյ մօտեցաւ ան որ հարիւր ոսկի դրամ ստացած էր, եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, գիտէի որ խիստ մարդ ես, կը հնձես ինչ որ չես սերմանած եւ կը հաւաքես ինչ որ չես ցանած։ Վախցայ, ուստի գացի եւ տուած հարիւր ոսկի դրամդ հողին մէջ պահեցի։ Ահա տուածդ քեզի»։ Տէրը պատասխանեց. «Չար ու ծո՛յլ ծառայ, եթէ գիտէիր որ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած եւ կը հաւաքեմ ինչ որ չեմ ցանած, պէտք էր որ քեզի յանձնած դրամս շահարկողներուն տայիր, որպէսզի վերադարձիս տոկոսով միասին ետ առնէի զայն։ Հիմա առէ՛ք անկէ հարիւր ոսկի դրամը եւ տուէք անոր՝ որ հազար ունի։ Որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի՝ նոյնիսկ աւելիով, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն ալ։ Իսկ այս անպիտան ծառան դուրսը մութին հանեցէք։ Թող հոն լայ եւ ակռաները կրճտէ»։ – Եւ երբ Մարդու Որդին իր փառքով գայ՝ բոլոր հրեշտակներուն հետ, պիտի նստի իր թագաւորական գահին վրայ։ Բոլոր ազգերը պիտի հաւաքուին իր դիմաց եւ ինք մարդիկը իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս որ հովիւը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները պիտի կանգնեցնէ իր աջ կողմը, իսկ այծերը՝ ձախ կողմը։ Յետոյ թագաւորը իր աջ կողմը կեցողներուն պիտի ըսէ. «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է։ Որովհետեւ անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի»։ Այն ատեն արդարները պիտի հարցնեն. « Տէ՛ր, քեզ ե՞րբ անօթի տեսանք եւ կերակրեցինք, կամ ծարաւ տեսանք եւ ջուր տուինք։ Քեզ ե՞րբ օտարական տեսանք եւ ընդունեցինք կամ մերկ՝ եւ հագցուցինք։ Քեզ ե՞րբ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք եւ այցի եկանք քեզի»։ Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. «Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք»։ Ապա իր ձախ կողմը կեցողներուն պիտի ըսէ. «Անիծեալնե՛ր, հեռացէ՛ք ինձմէ, գացէ՛ք յաւիտենական կրակին մէջ, որ Սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած է։ Որովհետեւ անօթի էի՝ եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի՝ եւ ջուր չտուիք, օտարական էի՝ եւ չընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ եւ չհագցուցիք, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ՝ եւ սակայն այցի չեկաք ինծի»։ Այն ատեն անոնք պիտի հարցնեն. «Տէ՛ր, քեզ ե՞րբ անօթի, ծարաւ, օտարական, մերկ, հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք եւ քեզի չօգնեցինք»։ Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. «Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն չօգնեցիք, ինծի օգնած չեղաք»։ Եւ այսպէս, անոնք պիտի երթան յաւիտենական պատիժի, իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքի։ Երբ Յիսուս այս բոլոր խօսքերը վերջացուց, իր աշակերտներուն ըսաւ. – Ինչպէս գիտէք, երկու օրէն Զատիկ է եւ Մարդու Որդին պիտի մատնուի՝ խաչուելու համար։ Այն ատեն աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչները եւ ժողովուրդին երէցները հաւաքուեցան ապարանքը Քահանայապետին, որ Կայիափա կը կոչուէր, եւ որոշեցին Յիսուսը նենգութեամբ ձերբակալել եւ սպաննել։ Բայց կ՚ըսէին. – Այս տօնի ժամանակ թող չըլլայ, որպէսզի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չծագի։ Եւ երբ Յիսուս Բեթանիա կը գտնուէր, բորոտ Սիմոնի տան մէջ, իրեն մօտեցաւ կին մը, որ թանկագին իւղի շիշ մը ունէր, եւ իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն, երբ անիկա սեղան բազմած էր։ Երբ աշակերտները ասիկա տեսան, բարկացան եւ ըսին. – Ինչո՞ւ այդպէս վատնել անուշահոտը. կարելի էր զայն սուղ գինով ծախել եւ դրամը աղքատներուն տալ։ Յիսուս գիտցաւ ինչ որ կ՚ըսեն եւ ըսաւ. – Ինչո՞ւ կ՚անհանգստացնէք այդ կինը, քանի լաւ բան մը ըրաւ ինծի։ Աղքատները միշտ ձեզի հետ ունիք, բայց զիս միշտ ձեզի հետ չունիք։ Իմ մարմնիս վրայ այդ իւղը թափեց՝ իմ թաղումիս որպէս նշան։ Լա՛ւ գիտցէք, թէ աշխարհի վրայ ո՛ւր որ ալ Աւետարանը քարոզուի, մարդիկ իր ըրածին մասին պիտի խօսին եւ յիշեն զինք։ Ապա տասներկու աշակերտներէն մէկը, որ Յուդա Իսկարիոտացի կը կոչուէր, գնաց աւագ քահանաներուն մօտ եւ ըսաւ. – Ի՞նչ կուտաք ինծի, եթէ Յիսուսը յանձնեմ ձեզի։ Անոնք երեսուն արծաթ դահեկան հաշուեցին եւ տուին Յուդայի։ Անկէ ետք, անիկա յարմար առիթի մը կը սպասէր՝ Յիսուսը մատնելու համար։ Բաղարջակերաց տօնին առաջին օրը աշակերտները մօտենալով Յիսուսի, ըսին. – Ո՞ւր կ՚ուզես որ քեզի համար զատկական ընթրիքը պատրաստենք։ Անիկա պատասխանեց. – Քաղաք գացէք, այսինչ մարդուն մօտ, եւ ըսէք անոր. « Վարդապետը կ՚ըսէ՝ ժամանակս մօտեցած է. քու տունդ պիտի ուտեմ զատկական ընթրիքը, աշակերտներուս հետ»։ Աշակերտները կատարեցին Յիսուսի հրահանգը եւ պատրաստեցին զատկական ընթրիքը։ Երեկոյեան, Յիսուս իր տասներկու աշակերտներուն հետ ընթրիքի նստաւ։ Մինչ անոնք կ՚ուտէին, Յիսուս ըսաւ. – Կ՚ըսեմ ձեզի, որ ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս։ Աշակերտները խռովքի մատնուեցան եւ իւրաքանչիւրը սկսաւ հարցնել իրեն. – Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ։ Յիսուս պատասխանեց. – Ան որ իր ձեռքը ինծի հետ պնակին երկնցուց՝ ան է մատնիչը։ Մարդու Որդին պիտի մեռնի, ինչպէս որ գրուած է Սուրբ գիրքերուն մէջ, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով Մարդու Որդին պիտի մատնուի։ Երանի՛ անիկա ծնած չըլլար։ Յուդան, որ պիտի մատնէր զինք, հարցուց Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, միթէ ե՞ս եմ։ Յիսուս պատասխանեց. – Ահա դո՛ւն ըսիր։ Եւ մինչ անոնք կ՚ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց եւ բաժնեց աշակերտներուն, ըսելով. – Առէք, կերէք, ասիկա իմ մարմինս է։ Ապա առաւ բաժակը, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ իր աշակերտներուն, ըսելով. – Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա իմ արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերու թողութեան համար։ Բայց նաեւ կ՚ըսեմ ձեզի.– Այլեւս այս գինիէն պիտի չխմեմ մինչեւ այն օրը, երբ ձեզի հետ պիտի խմեմ նոր գինին՝ իմ Հօրս արքայութեան մէջ։ Ապա գոհաբանական սաղմոսներ երգելէ ետք ելան Ձիթենեաց լեռ։ Հոն Յիսուս ըսաւ անոնց. – Այս գիշեր դուք բոլորդ ալ պիտի լքէք զիս, որովհետեւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Պիտի սպաննեմ հովիւը, եւ հօտին ոչխարները պիտի ցրուին»։ Բայց յարութիւն առնելէս ետք՝ ձեզմէ առաջ Գալիլեա պիտի երթամ։ Պետրոս պատասխանեց. – Նոյնիսկ եթէ բոլորը լքեն քեզ, ես պիտի չլքե՛մ։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Կ՚ըսեմ քեզի, որ այս գիշեր աքաղաղը չկանչած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս։ Պետրոս ըսաւ. – Նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի համար, քեզ պիտի չուրանա՛մ։ Նոյնը կ՚ըսէին բոլոր աշակերտներն ալ։ Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն հետ եկաւ տեղ մը, որուն անունը Գեթսեմանի էր, եւ ըսաւ անոնց. – Հոս նստեցէք, մինչեւ որ ես երթամ աղօթեմ։ Եւ իր հետ առաւ Պետրոսը եւ Զեբեդէոսի երկու որդիները։ Տրտում էր ու կը տագնապէր։ ԽՔ ( Այն ատեն ըսաւ անոնց. – Հոգիս մեռնելու աստիճան տրտում է. հոս կեցէք եւ ինծի հետ արթո՛ւն մնացէք։ Ապա քիչ մը առաջ գնաց եւ երեսին վրայ գետին փռուելով աղօթեց, ըսելով. – Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է, այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ ինչպէս որ ես կ՚ուզեմ, այլ ինչպէս որ դո՛ւն կ՚ուզես։ Յետոյ վերադարձաւ երեք աշակերտներուն մօտ եւ զանոնք քնացած գտաւ։ Պետրոսի ըսաւ. – Չկրցա՞ք ժամ մը արթուն մնալ ինծի հետ։ Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք։ Հոգին յօժար կրնայ ըլլալ, բայց մարմինը տկար է։ Կրկին, երկրորդ անգամ ըլլալով, Յիսուս գնաց աղօթելու եւ ըսաւ. – Հա՜յր իմ, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը թող հեռանայ ինձմէ, ապա թէ ոչ՝ պիտի խմեմ զայն. քու կամքդ թող ըլլայ։ Վերադարձաւ եւ դարձեալ իր աշակերտները քնացած գտաւ. անոնց աչքերը չէին բացուեր։ Յիսուս դարձեալ ձգեց զիրենք ու գնաց եւ երրորդ անգամ աղօթեց՝ նոյն խօսքերը ըսելով։ Ապա վերադարձաւ իր աշակերտներուն մօտ եւ ըսաւ. – Ասկէ ետք քնացէք եւ հանգստացէք. բայց ահա ժամը հասած է եւ Մարդու Որդին մեղաւոր մարդոց ձեռքը պիտի յանձնուի։ Ելէք երթա՛նք այստեղէն, որովհետեւ զիս մատնողը ահաւասիկ հասաւ։ Տակաւին կը խօսէր, երբ ահա եկաւ Յուդան՝ տասներկու աշակերտներէն մէկը։ Իրեն հետ էր սուրերով եւ բիրերով զինուած մեծ ամբոխ մը՝ աւագ քահանաներուն եւ ժողովուրդի երէցներուն կողմէ ղրկուած։ Յիսուսը մատնողը անոնց նշան տուած էր, ըսելով. – Ով որ համբուրեմ՝ անիկա է Յիսուսը, ձերբակալեցէ՛ք զայն։ Յուդա շուտով մօտեցաւ Յիսուսի եւ ըսաւ. – Ողջո՛յն, Վարդապե՛տ,– եւ համբուրեց զայն։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Բարեկա՛մ, ասոր համա՞ր եկար։ Ապա մօտեցան, բռնեցին Յիսուսը եւ ձերբակալեցին։ Եւ ահա Յիսուսի հետ եղողներէն մէկը ձեռքը երկարեց եւ սուրը քաշելով՝ զարկաւ Քահանայապետին ծառային եւ անոր ականջը կտրեց։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Սուրդ տեղը դիր, որովհետեւ ո՛վ որ սուր կ՚առնէ՝ սուրով պիտի մեռնի։ Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար Հօրս աղաչել, որ հիմա աւելի քան տասներկու գունդ հրեշտակ ղրկէ ինծի։ Սակայն ինչպէ՞ս պիտի իրականանան Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուածները, թէ այսպէս պէտք է ըլլայ։ Ապա Յիսուս ամբոխին դառնալով ըսաւ. – Աւազա՞կ եմ որ այդպէս սուրերով եւ բիրերով վրաս կը յարձակիք՝ զիս ձերբակալելու համար։ Ամէն օր ձեզի հետ տաճարին մէջ կը նստէի եւ կ՚ուսուցանէի ու չձերբակալեցիք զիս։ Բայց այս բոլորը կը պատահին, որպէսզի Սուրբ գիրքերուն մէջ մարգարէներուն ըսածները իրականանան։ Այն ատեն աշակերտները բոլորն ալ ձգեցին զինք ու փախան։ Անոնք ձերբակալեցին Յիսուսը եւ տարին Կայիափա Քահանայապետին տունը, ուր Օրէնքի ուսուցիչները եւ երէցները հաւաքուած էին։ Պետրոս հեռուէն կը հետեւէր Յիսուսի, մինչեւ Քահանայապետին տան գաւիթը, ուր մտնելով նստաւ սպասաւորներուն հետ՝ տեսնելու համար թէ վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Մինչ այդ, աւագ քահանաները եւ ամբողջ Ատեանը կը ջանային Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն գտնել, որպէսզի զայն սպաննեն։ Բայց չգտան, հակառակ անոր որ շատ մը սուտ վկաներ ալ եկան։ Ի վերջոյ՝ երկու սուտ վկաներ եկան եւ ըսին. – Այս մարդը կ՚ըսէր. «Ես կրնամ Աստուծոյ տաճարը քանդել եւ երեք օրէն շինել զայն»։ Քահանայապետը ոտքի ելաւ եւ հարցուց Յիսուսի. – Քեզի դէմ եղած այս ամբաստանութիւններուն պատասխան մը պիտի չտա՞ս։ Բայց Յիսուս լուռ կը մնար։ Քահանայապետը դարձեալ հարցուց Յիսուսի. – Կենդանի Աստուծոյ անունով՝ ըսէ՛ մեզի թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին։ Յիսուս պատասխանեց. – Դո՛ւն կ՚ըսես։ Բայց կ՚ըսեմ ձեզի.– Ասկէ ետք պիտի տեսնէք Մարդու Որդին՝ ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած. եւ պիտի տեսնէք որ կու գայ երկինքի ամպերուն մէջէն։ Ասոր վրայ Քահանայապետը իր վերարկուն պատռեց եւ ըսաւ. – Հայհոյեց. ալ ի՞նչ պէտք ունինք վկաներու. ահա հիմա լսեցինք ըրած հայհոյութիւնը: Ի՞նչ կը մտածէք։ Անոնք պատասխանեցին. – Մահապարտ է։ Ապա սկսան թքնել անոր երեսին եւ ծեծեցին զայն. ոմանք կ՚ապտակէին զինք ու կը հարցնէին. – Քրիստո՛ս, գիտցի՛ր, ո՞վ է քեզի զարնողը։ Մինչ Պետրոս դուրսը գաւիթին մէջ նստած էր, աղախին մը մօտեցաւ եւ ըսաւ. – Դուն ալ Գալիլեացի Յիսուսին հետ էիր։ Պետրոս բոլորին դիմաց ուրացաւ եւ ըսաւ. – Չե՛մ գիտեր թէ ի՛նչ բանի մասին կը խօսիս։ Երբ գաւիթէն դուրս կ՚ելլէր, դրան առջեւ ուրիշ կին մը տեսաւ զինք եւ հոն եղողներուն ըսաւ. – Ասիկա ալ Նազովրեցի Յիսուսին հետ էր։ Պետրոս դարձեալ ուրացաւ եւ ըսաւ. – Կ՚երդնում որ չեմ ճանչնար այդ մարդը։ Քիչ ետք հոն գտնուողները մօտեցան եւ ըսին Պետրոսի. – Իրապէս որ դուն ալ անոնցմէ ես, քանի խօսակցութեանդ շեշտը քեզ կը մատնէ։ Պետրոս ինքզինք անիծելով՝ սկսաւ երդում ընել եւ ըսել. – Այդ մարդը չեմ ճանչնար։ Եւ նոյն պահուն աքաղաղը կանչեց։ Պետրոս յիշեց Յիսուսի խօսքը, թէ «Տակաւին աքաղաղը չկանչած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Եւ դուրս ելլելով՝ լացաւ դառնագին։ Առաւօտ կանուխ, բոլոր աւագ քահանաները եւ ժողովուրդի երէցները որոշում առին՝ սպաննելու Յիսուսը։ Կապեցին զայն եւ տարին յանձնեցին կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսին ։ Այն ատեն Յուդա, որ մատնած էր Յիսուսը, երբ տեսաւ որ Յիսուս դատապարտուեցաւ, զղջաց եւ իր ստացած երեսուն արծաթ դրամը աւագ քահանաներուն եւ ժողովուրդի երէցներուն վերադարձնելով՝ ըսաւ. – Մեղք գործեցի արդար մէկը մատնելուս համար։ Անոնք ըսին. – Մեզի ի՞նչ, ատիկա քու գիտնալիքդ է։ Յուդա դրամը նետեց տաճարին մէջ եւ հեռացաւ։ Ապա գնաց եւ ինքզինք կախեց։ Աւագ քահանաները առին դրամը եւ ըսին. – Մեր Օրէնքը թոյլ չի տար որ այդ դրամը ձգենք տաճարի գանձանակին մէջ, որովհետեւ արեան գին է։ Եւ խորհրդակցելէ ետք՝ այդ դրամով Բրուտի արտը գնեցին, իբրեւ օտարներու գերեզման գործածելու համար։ Այս պատճառով մինչեւ այսօր այդ արտը Արեան Արտ կը կոչուի։ Այս ձեւով ահա իրականացաւ Տիրոջ խօսքը Երեմիա մարգարէի բերնով ըսուած. «Առին երեսուն արծաթ դահեկանը, գինը վաճառուածին, որուն գին տուին Իսրայէլի ժողովուրդէն ոմանք, եւ զայն տուին Բրուտի արտին համար, ինչպէս որ Տէրը հրամայեց ինծի»։ Երբ Յիսուս կառավարիչին դիմաց կանգնեցաւ, կառավարիչը հարցուց իրեն. – Դո՞ւն ես Հրեաներու թագաւորը։ Յիսուս պատասխանեց. – Ահա դո՛ւն կ՚ըսես։ Եւ երբ աւագ քահանաներն ու երէցները զինք կ՚ամբաստանէին, ինք պատասխան չէր տար։ Ուստի Պիղատոս ըսաւ. – Չե՞ս լսեր ասոնց ըրած ամբաստանութիւնները քեզի դէմ։ Սակայն Յիսուս պատասխան չտուաւ, ոչ իսկ բառ մը, ինչ որ մեծ զարմանք պատճառեց կառավարիչին։ Կառավարիչը սովորութիւն ունէր ամէն Զատիկի տօնին ազատ արձակել բանտարկեալ մը, նայած թէ ժողովուրդը ո՛վ կ՚ուզէր։ Այդ ժամանակ նշանաւոր բանտարկեալ մը կար, որուն անունը Յեսու Բարաբբա էր։ Երբ ամբոխը հաւաքուեցաւ, Պիղատոս հարցուց. – Այս երկուքէն ո՞ր մէկը կ՚ուզէք որ ազատ արձակեմ. Յեսու Բարաբբա՞ն թէ Քրիստոս կոչուած Յիսուսը։ Որովհետեւ Պիղատոս գիտէր, որ նախանձի պատճառով մատնած էին զայն։ Եւ մինչ Պիղատոս ատեան նստած էր, կինը լուր ղրկեց իրեն, ըսելով. – Այդ արդար մարդուն հետ գործ մի՛ ունենար, որովհետեւ գիշերը երազիս մէջ իր պատճառով գլուխէս շատ բաներ անցան։ Սակայն աւագ քահանաները եւ երէցները ժողովուրդը համոզեցին որ խնդրեն Բարաբբան ազատ արձակել եւ Յիսուսը՝ մահուան դատապարտել։ Եւ երբ կառավարիչը հարցուց անոնց՝ «Այս երկուքէն ո՞ր մէկը կ՚ուզէք որ ազատ արձակեմ», անոնք պատասխանեցին. – Բարաբբան։ Պիղատոս հարցուց. – Բայց ի՞նչ ընեմ Յիսուսը, Քրիստոս կոչուածը։ – Թող խաչուի՛– պատասխանեցին բոլորը։ Անիկա ըսաւ. – Ի՞նչ չարիք գործած է։ Բայց անոնք աւելի բարձր աղաղակներով կ՚ըսէին. – Թող խաչուի՜։ Պիղատոս երբ տեսաւ որ օգուտ չունի շարունակելը, ընդհակառակը, ամբոխը աւելի կը խռովի, ջուր առնելով ժողովուրդին դիմաց ձեռքերը լուաց եւ ըսաւ. – Անպարտ եմ ես այս արդար մարդուն արիւնէն. ձեր գիտնալիքն է։ Ամբողջ ամբոխը պատասխանեց. – Անոր արիւնը թող մեր եւ մեր զաւակներուն վրայ ըլլայ։ Այն ատեն Պիղատոս ազատ արձակեց Բարաբբան, իսկ Յիսուսը խարազանել տալէ ետք՝ զինուորներուն յանձնեց, որպէսզի խաչեն։ Զինուորները Յիսուսը տարին կառավարիչին պալատը, ուր անոր շուրջ հաւաքուեցաւ զինուորներու ամբողջ գունդը։ Ապա մերկացուցին Յիսուսը եւ անոր ուսերուն նետեցին կարմիր քղամիդ մը։ Փուշէ պսակ մը հիւսելով դրին անոր գլխուն եւ եղէգ մըն ալ տուին աջ ձեռքին։ Զինուորները ծունկի կու գային անոր առջեւ եւ ծաղրելով կ՚ըսէին. «Ողջո՛յն, Հրեաներո՛ւ թագաւոր»։ Կը թքնէին անոր երեսին, եղէգը ձեռքէն կ՚առնէին եւ գլխուն կը զարնէին։ Զայն ծաղրելէ ետք, վրայէն հանեցին քղամիդը եւ հագցուցին իր զգեստները, եւ ապա տարին զայն խաչելու։ Երբ դուրս կ՚ելլէին, Սիմոն անունով Կիւրենացի մէկը գտան եւ ստիպեցին որ Յիսուսի խաչը շալկէ։ Երբ եկան այն վայրը որ կը կոչուէր Գողգոթա, որ կը նշանակէ գանկի վայր, հոն լեղիով խառն գինի տուին որ խմէ. երբ համը առաւ՝ չուզեց խմել։ Ապա խաչ հանեցին զինք եւ վիճակ ձգելով՝ հագուստները իրենց միջեւ բաժնեցին։ Ահա այսպէս իրականացաւ Տիրոջ խօսքը, մարգարէին բերնով ըսուած. «Հագուստներս իրենց միջեւ բաժնեցին եւ իմ վերարկուիս վրայ վիճակ ձգեցին»։ Զինուորները հոն նստած՝ պահակութիւն կ՚ընէին իր վրայ։ Իր գլխուն վրայ դրին նաեւ իր դատապարտութեան արձանագրութիւնը, որ կ՚ըսէր. «Ասիկա է Յիսուսը՝ Հրեաներու թագաւորը»։ Այն ատեն իրեն հետ խաչեցին երկու աւազակներ ալ, մէկը իր աջ կողմը, իսկ միւսը՝ ձախ։ Անոնք որոնք կ՚անցնէին խաչին առջեւէն, կը նախատէին զինք եւ իրենց գլուխը շարժելով կ՚ըսէին. – Դուն տաճարը պիտի քանդէիր եւ երեք օրէն շինէիր, հա՞. եթէ Աստուծոյ Որդի ես՝ դուն քեզ ազատէ եւ վար իջիր խաչէն։ Նոյնպէս աւագ քահանաները Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ երէցներուն հետ կը ծաղրէին զինք ու կ՚ըսէին. – Ուրիշները ազատեց, բայց ինքզինք չի կրնար ազատել։ Եթէ Իսրայէլի թագաւորն է՝ թող հիմա խաչէն վար իջնէ, որպէսզի հաւատանք իրեն։ Աստուծոյ վրայ յոյսը դրած էր, չէ՞, եւ կ՚ըսէր՝ թէ Աստուծոյ Որդի եմ։ Շատ աղէկ, Աստուած թող զինք ազատէ հիմա, եթէ զայն կը սիրէ։ Նմանապէս, իրեն հետ խաչուած աւազակներն ալ կը նախատէին զինք։ Կէսօրին խաւարը պատեց ամբողջ երկիրը, մինչեւ ժամը երեք։ Ժամը երեքի ատենները Յիսուս բարձրաձայն աղաղակեց, ըսելով. - «Էլի՛, էլի՛, լա՞մա սաբաքթանի», որ կը նշանակէ. «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս»։ Հոն գտնուողներէն անոնք որոնք լսեցին, ըսին. – Եղիան կը կանչէ։ Անոնցմէ մէկը անմիջապէս գնաց եւ սպունգը քացախին մէջ թաթխելով եղէգին ծայրը անցուց եւ տուաւ Յիսուսի որ խմէ։ Ուրիշներ ալ կ՚ըսէին. – Ձգեցէք տեսնենք, Եղիան պիտի գա՞յ զինք ազատելու։ Իսկ Յիսուս դարձեալ բարձրաձայն աղաղակեց եւ հոգին աւանդեց։ Եւ ահա տաճարին վարագոյրը պատըռուեցաւ եւ վերէն վար երկու մասի բաժնուեցաւ, երկիրը շարժեցաւ եւ ժայռերը ճեղքուեցան, գերեզմանները բացուեցան, եւ շատ մը սուրբ ննջեցեալներ յարութիւն առին։ ԽՔ ( Անոնք գերեզմաններէն ելան եւ Յիսուսի յարութենէն ետք Սուրբ Քաղաքը մտան, ուր շատերու երեւցան։ Երբ հարիւրապետը եւ իր հետ գտնուող զինուորները, որոնք պահակութիւն կ՚ընէին, տեսան երկրաշարժը եւ պատահածները, սաստիկ վախցան եւ ըսին. – Իրապէս որ ասիկա Աստուծոյ Որդին էր։ Հոն բազմաթիւ կիներ ալ կային, որոնք հեռուն կեցած կը դիտէին. անոնք Գալիլեայէն հետեւած էին Յիսուսի՝ ծառայելու համար անոր։ Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբի եւ Յովսէփի մայրը՝ Մարիամը, ինչպէս նաեւ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը։ Երբ երեկոյ եղաւ, Յովսէփ անունով հարուստ մէկը, որ Արիմաթեայէն էր եւ որ ինք ալ աշակերտած էր Յիսուսի, գնաց Պիղատոսի մօտ եւ խնդրեց որ Յիսուսի մարմինը իրեն տրուի։ Պիղատոս հրամայեց որ տան մարմինը։ Յովսէփ մարմինը առնելով՝ մաքուր կտաւով պատանքեց եւ դրաւ ժայռափոր նոր բացուած գերեզմանի մը մէջ։ Ապա գերեզմանի մուտքին մեծ քար մը գլորեց որպէս կափարիչ, եւ գնաց։ Հոն էին Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը, որոնք նստած էին գերեզմանին դիմացը։ Յաջորդ առաւօտ, այսինքն Ուրբաթին յաջորդող օրը, աւագ քահանաները եւ Փարիսեցիները հաւաքուեցան Պիղատոսի մօտ եւ ըսին. – Տէ՛ր, յիշեցինք որ այդ մոլորեցուցիչը իր կենդանութեան կ՚ըսէր. «Երեք օրէն յարութիւն պիտի առնեմ»։ Արդ, հրամայէ՛ որ գերեզմանը մինչեւ երրորդ օրը զգուշութեամբ պահեն, որպսզի չըլլայ որ աշակերտները գիշերով գան ու գողնան զայն եւ ժողովուրդին ըսեն, թէ մեռելներէն յարութիւն առաւ։ Այս վերջին մոլորութիւնը առաջինէն աւելի գէշ կ՚ըլլայ։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. – Զինուորներ ունիք, գացէք եւ զգուշութեամբ պահեցէք, ինչպէս որ գիտէք։ Անոնք ալ գացին եւ գերեզմանը հսկողութեան տակ առին, քարը կնքեցին եւ զինուորներ պահակ դրին։ Շաբաթ երեկոյէն ետք, երբ Կիրակին կը բացուէր, Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը գերեզմանը տեսնելու եկան։ Յանկարծ զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն իջնելով՝ գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը եւ նստաւ անոր վրայ։ Անոր տեսքը փայլակի կը նմանէր, եւ հագուստները ձիւնի պէս ճերմակ էին։ Պահապանները երբ ասիկա տեսան, սարսափեցան եւ մեռելի պէս եղան։ Հրեշտակը կիներուն ըսաւ. – Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը ուր դրուած էր։ Անմիջապէս գացէք եւ ըսէ՛ք իր աշակերտներուն՝ թէ յարութիւն առաւ։ Անիկա ձեզմէ առաջ Գալիլեա կը հասնի եւ հոն պիտի տեսնէք զինք. ահա ըսի ձեզի։ Կիները վախով, բայց միեւնոյն ատեն մեծ ուրախութեամբ դուրս ելան գերեզմանէն եւ վազեցին՝ պատմելու համար աշակերտներուն։ Յանկարծ Յիսուս հանդիպեցաւ անոնց եւ ըսաւ. – Ողջո՜յն ձեզի։ Կիները մօտենալով՝ փարեցան անոր ոտքերուն եւ երկրպագեցին անոր։ Յիսուս ըսաւ. – Մի՛ վախնաք, գացէք եւ ըսէ՛ք իմ եղբայրներուս՝ որ Գալիլեա երթան. հո՛ն պիտի տեսնեն զիս։ Երբ կիները գացին, պահապաններէն ոմանք քաղաք եկան եւ ինչ որ պատահած էր պատմեցին աւագ քահանաներուն։ Աւագ քահանաները եւ երէցները հաւաքուելով՝ խորհրդակցեցան եւ առատ դրամ տուին պահապաններուն եւ ըսին. – Ըսէք՝ որ «իր աշակերտները գիշերով եկան եւ գողցան մարմինը, երբ մենք քնացած էինք»։ Եւ եթէ կառավարիչին ականջը հասնի ասիկա, մենք զայն կը գոհացնենք. անհո՛գ եղէք դուք։ Պահապանները դրամը առին եւ ըրին ինչ որ պատուիրուած էր իրենց։ Եւ այսպիսով այս լուրը տարածուեցաւ Հրեաներուն մէջ մինչեւ այսօր։ Իսկ տասնըմէկ աշակերտները գացին Գալիլեա, այն լեռը ուր Յիսուս ժամադրուած էր իրենց հետ։ Երբ տեսան զինք, երկրպագեցին իրեն. բայց ոմանք տարակուսեցան։ Յիսուս մօտենալով խօսեցաւ անոնց հետ։ Ապա ըսաւ. – Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ։ Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը։ Այսպէս կը սկսի Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը ։ Եսայի մարգարէի գիրքին մէջ գրուած է.– «Ահաւասիկքուառջեւէդկը ղրկեմիմպատգամաբերս, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ։ Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ՚ըսէ.– Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճանապարհը, հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները»։ Եւ ահա Յովհաննէս անապատին մէջ կը մկրտէր։ Անիկա կը քարոզէր ապաշխարել եւ մկրտուիլ՝ որպէսզի Աստուած մեղքերու թողութիւն տայ։ Իրեն կ՚երթային ամբողջ Հրէաստանի եւ Երուսաղէմի բնակիչներէն շատեր եւ իրենց մեղքերը խոստովանելով՝ կը մկրտուէին անկէ Յորդանան գետին մէջ։ Յովհաննէս ուղտի մազէ շինուած հագուստ մը հագած էր եւ մէջքին կապած կաշիէ գօտի մը։ Իր կերակուրը մարախ եւ վայրի մեղր էր։ Կը քարոզէր, ըսելով. – Ան որ ինձմէ ետք պիտի գայ՝ ինձմէ աւելի հզօր է, որուն առջեւ ծռելով՝ կօշիկներուն կապերն անգամ քակելու արժանի չեմ։ Ես ձեզ ջուրով մկրտեցի, բայց անիկա ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ։ Այդ օրերուն Յիսուս Գպլիլեպյի Նազարէթ քաղաքէն եկաւ եւ Յովհաննէսի կողմէ մկրտուեցաւ Յորդանան գետին մէջ։ Նոյն պահուն, երբ Յիսուս ջուրէն դուրս կ՚ելլէր, տեսաւ երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ Հոգին՝ որ աղաւնիի նման կ՚իջնէր իր վրայ։ Երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՚ըսէր. – Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ։ Մկրտուելէն անմիջապէս ետք Հոգին տարաւ զինք անապատ, ուր անիկա քառասուն օրեր մնաց՝ Սատանայէն փորձուելով։ Հոն գազաններուն հետ էր, եւ հրեշտակները իրեն կը սպասաւորէին։ Յովհաննէսի բանտարկութենէն ետք, Յիսուս Գալիլեա եկաւ։ Անիկա Աստուծոյ Աւետարանը կը քարոզէր, ըսելով. – Փրկութեան ժամանակը հասած է եւ եկած՝ Աստուծոյ արքայութիւնը. ապաշխարեցէք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին։ Յիսուս երբ Գալիլեայի լիճին եզերքէն կ՚անցնէր, տեսաւ երկու ձկնորսներ՝ Սիմոնը եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, որոնք ուռկանը ջուրը նետած՝ ձուկ կ՚որսային։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Հետեւեցէ՛ք ինծի, եւ ես ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ։ Անոնք անմիջապէս ձգեցին ուռկանները եւ հետեւեցան Յիսուսի։ Քիչ մը առաջ երթալով, Յիսուս տեսաւ Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսը եւ եղբայրը՝ Յովհաննէսը, որոնք նաւակին մէջ էին եւ իրենց ուռկանները կարգի կը դնէին։ Իսկոյն զանոնք ալ կանչեց։ Անոնք իրենց հայրը՝ Զեբեդէոսը վարձականներուն հետ ձգեցին նաւակին մէջ եւ հետեւեցան Յիսուսի։ Մտան Կափառնաում։ Շաբաթ օրը, Յիսուս ժողովարան գնաց եւ սկսաւ ուսուցանել։ Բոլորն ալ կը զարմանային անոր ուսուցման կերպին վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կ՚ուսուցանէր եւ ո՛չ թէ Օրէնքի ուսուցիչներուն պէս։ Ժողովարանին մէջ մէկը կար, պիղծ ոգիէ բռնուած, որ աղաղակեց. – Յիսո՛ւս Նազովրեցի, ձգէ՛, ի՞նչ կ՚ուզես մեզմէ. մեզ ոչնչացնելո՞ւ եկար. գիտենք թէ ո՛վ ես. դուն Աստուծոյ Սուրբն ես։ Յիսուս սաստեց ոգին եւ ըսաւ. – Լռէ՛ եւ դո՛ւրս ել մարդէն։ Պիղծ ոգին զգետնեց մարդը, բարձրաձայն աղաղակեց եւ դուրս ելաւ անկէ։ Բոլորն ալ ապշահար իրարու կ՚ըսէին. – Այս ի՜նչ նոր ուսուցում է, որովհետեւ հեղինակութեամբ կը սաստէ պիղծ ոգիները եւ անոնք դուրս կ՚ելլեն։ Եւ շուտով Յիսուսի համբաւը տարածուեցաւ Գալիլեա նահանգին բոլոր կողմերը։ Ժողովարանէն ելլելէ անմիջապէս ետք Յիսուս Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ գնաց Սիմոնի եւ Անդրէասի տունը։ Սիմոնի զոքանչը տաքութիւն ունէր եւ այս մասին Յիսուսի ըսին։ Յիսուս մօտեցաւ անոր եւ ձեռքէն բռնելով՝ ոտքի հանեց։ Տաքութիւնը անցաւ եւ անիկա սկսաւ սպասարկել իրենց։ Երբ երեկոյ եղաւ, արեւնամուտին, Յիսուսի բերին բոլոր հիւանդներն ու դիւահարները: Քաղաքին ամբողջ ժողովուրդը տան դրան առջեւ հաւաքուած էր։ Յիսուս բազմաթիւ հիւանդներ բժշկեց, որոնք զանազան ցաւերէ բռնուած էին եւ շատ մը չար ոգիներ հանեց։ Եւ չէր ձգեր որ ոգիները խօսին, որովհետեւ անոնք գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։ Յաջորդ առաւօտ կանուխ Յիսուս ելաւ ամայի վայր մը գնաց եւ հոն սկսաւ աղօթել։ Սիմոն եւ իրեն հետ եղողները ելան զինք փնտռելու։ Երբ գտան, ըսին անոր. – Ամէն մարդ քեզ կը փնտռէ։ Յիսուս ըսաւ. – Եկէք մօտակայ ուրիշ գիւղաքաղաքներ ալ երթանք, որպէսզի հոն եւս քարոզեմ, որովհետեւ ճիշդ ատոր համար Աստուած զիս ղրկեց։ Եւ Գալիլեայի բոլոր շրջաններու ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր եւ դեւեր դուրս կը հանէր։ Բորոտ մը եկաւ Յիսուսի մօտ եւ ծունկի իջած՝ կ՚աղաչէր, ըսելով. – Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել։ Յիսուս գթաց եւ ձեռքը երկարելով դպաւ անոր եւ ըսաւ. – Կ՚ուզեմ, մաքրուէ՛։ Հազիւ ասիկա ըսած, իսկոյն բորոտութիւնը գնաց անկէ եւ մաքրուեցաւ։ Յիսուս զայն անմիջապէս դուրս հանեց եւ խստիւ պատուիրեց, ըսելով. – Նայէ՛, ոեւէ մէկուն բան չըսես. այլ գնա՛, եւ դուն քեզ քահանային ցոյց տուր. ապա որպէս ժողովուրդին վկայութիւն՝ թէ բորոտութենէդ մաքրուած ես՝ զոհդ մատուցանէ, ինչպէս Մովսէս հրամայած է։ Բայց անիկա գնաց եւ սկսաւ ամէն տեղ պատմել ու տարածել պատահածը։ Այս պատճառով Յիսուս այլեւս չէր կրնար բացէ ի բաց քաղաք մը մտնել, այլ դուրսը ամայի տեղեր կը մնար։ Եւ ժողովուրդը ամէն կողմէ կու գար իրեն։ Քանի մը օրեր ետք Յիսուս վերադարձաւ Կափառնաում։ Անմիջապէս որ լուր տարածուեցաւ թէ տան մէջ կը գտնուի, շատեր հաւաքուեցան հոն, այնքան՝ որ դրան առջեւ իսկ տեղ չէր մնացած։ Եւ Յիսուս Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէր անոնց։ Այդ միջոցին Յիսուսի բերին անդամալոյծ մը, որ չորս հոգիներ շալկած էին։ Երբ բազմութեան պատճառով չկրցան զայն Յիսուսի մօտ բերել, քակեցին տունին տանիքը եւ առաստաղը բանալով՝ անդամալոյծը մահիճով վար իջեցուցին։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, ըսաւ անդամալոյծին. – Որդեա՜կ, մեղքերդ ներուա՛ծ ըլլան քեզի։ Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որոնք հոն նստած էին, սկսան մտովի քննադատել զայն. «Ինչպէ՞ս կը համարձակի ասանկ բան ըսել. ըրածը հայհոյութիւն է։ Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել»։ Յիսուս վայրկեանին գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ. – Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէք։ Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել՛, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա» ըսելը։ Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու։ Ու դառնալով անդամալոյծին, ըսաւ. – Քեզի կ՚ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա։ Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելաւ, վերցուց իր մահիճը եւ դուրս ելաւ։ Բոլորն ալ զարմացան. կը փառաւորէին զԱստուած եւ կ՚ըսէին. – Այսպիսի բան բնաւ տեսած չէինք։ Յիսուս կրկին Գալիլեայի լիճին եզերքը գնաց։ Ամբողջ ժողովուրդը իրեն կու գար եւ ինք անոնց կ՚ուսուցանէր։ Մինչ կ՚երթար, տեսաւ Ալփէոսի որդին՝ Ղեւին, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր. – Հետեւէ՛ ինծի։ Ղեւի ելաւ եւ անոր հետեւեցաւ։ Ապա Յիսուս ճաշի նստաւ անոր տան մէջ, ուր շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ ալ կային, որոնք Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն հետ բազմած էին, որովհետեւ շատեր անոր կը հետեւէին։ Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները երբ տեսան որ Յիսուս մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կը ճաշէ, անոր աշակերտներուն ըսին. – Ինչո՞ւ մեղաւորներուն եւ մաքսաւորներուն հետ կ՚ուտէ ու կը խմէ։ Յիսուս երբ լսեց ասիկա, անոնց ըսաւ. – Առողջները չե՛ն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ հիւանդները։ Չեկա՛յ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները։ Առիթով մը, երբ Յովհաննէսի աշակերտները եւ Փարիսեցիները ծոմ կը պահէին, ոմանք եկան եւ Յիսուսի հարցուցին. – Ինչո՞ւ Յովհաննէսի աշակերտները եւ Փարիսեցիները ծոմ կը պահեն, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Կրնա՞ք հարսանիքի հրաւիրեալներուն ըսել որ ծոմ պահեն, երբ տակաւին փեսան իրենց հետ է։ Այնքան ատեն որ փեսան իրենց հետ է, կարելի չէ ծոմ պահել։ Ժամանակ պիտի գայ, երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ եւ այն ատեն անոնք ալ ծոմ պիտի պահեն։ Ոչ ոք չլուացուած նոր կտոր մը կը գործածէ հին հագուստի մը համար կարկտան ընելու։ Այլապէս, նոր կտորը քաշուելով՝ հագուստը կը պատռտէ եւ աւելի մեծ կ՚ըլլայ պատռուածքը։ Նմանապէս, ոչ ոք նոր գինին հին տիկերու մէջ կը լեցնէ. այլապէս, նոր գինին կը պայթեցնէ հին տիկերը եւ պատճառ կ՚ըլլայ որ թէ՛ գինին թափի եւ թէ՛ տիկերը փճանան։ Ընդհակառակը, նոր գինին նոր տիկերու մէջ դրուելու է։ Յիսուս Շաբաթ օր մը ցորենի արտերուն մէջէն կ՚անցնէր։ Աշակերտները երթալու ատեն սկսան հասկեր փրցնել եւ ուտել։ Փարիսեցիները ըսին Յիսուսի. – Տե՛ս, աշակերտներդ ի՞նչ կ՚ընեն Շաբաթ օրով, բան մը՝ որ մեր Օրէնքով արգիլուած է։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ պէտք էր ուտել, այսինքն՝ երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան։ Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ, երբ Աբիաթար Քահանայապետ էր, չկերա՞ւ առաջաւորութեան հացերը եւ չտուա՞ւ նաեւ իր հետ եղողներուն, բան մը՝ որ Օրէնքին համաձայն միայն քահանաներուն արտօնուած էր։ Ապա աւելցուց. – Շաբաթ օրը մարդուն համար եղաւ եւ ո՛չ թէ մարդը՝ Շաբաթ օրուան։ Ուրեմն, Մարդու Որդին Շաբաթ օրուան ալ Տէրն է։ Յիսուս դարձեալ ժողովարան մտաւ, ուր մարդ մը կար, որուն ձեռքը գօսացած էր։ Շատեր կը սպասէին՝ տեսնելու թէ Յիսուս Շաբաթ օրով պիտի բժշկէ՞ մարդը, որպէսզի ամբաստանեն զայն։ Յիսուս ըսաւ ձեռքը գօսացած մարդուն. – Ոտքի՛ ել եւ մէջտեղ կեցիր։ Ապա միւսներուն ըսաւ. – Մեր Օրէնքը Շաբաթ օրով ի՞նչ ընել կը թոյլատրէ. բարի՞ք գործել, թէ չարիք, կեանք մը փրկե՞լ թէ կորսնցնել։ Եւ անոնք լուռ մնացին։ Ապա Յիսուս վրդոված նայուածք մը նետեց շուրջիններուն վրայ՝ ցաւելով անոնց մտքի կուրութեան վրայ եւ ըսաւ մարդուն. – Ձե՛ռքդ երկարէ։ Անիկա ձեռքը երկարեց եւ ահա գօսացած ձեռքը առողջացաւ։ Ասոր վրայ Փարիսեցիները եւ Հերովդէսի կողմնակիցները անմիջապէս դուրս ելան եւ կը խորհրդակցէին թէ ի՛նչպէս սպաննեն զայն։ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ գնաց Գալիլեայի լիճին եզերքը։ Գալիլեայէն, Հրէաստանէն, Երուսաղէմէն, Եդոմէն, Անդր–Յորդանանէն, Տիւրոսէն եւ Սիդոնէն բազմաթիւ ժողովուրդ լսելով Յիսուսի ըրածներուն մասին, իրեն կու գային։ Ժողովուրդը ա՛յնքան շատ էր, որ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ նաւակ մը պատրաստեն, որպէսզի ժողովուրդը զինք չհրմշտկէ։ Որովհետեւ շատեր բժշկած ըլլալուն՝ բոլոր հիւանդները իր շուրջ կը խռնուէին, որպէսզի իրեն դպչին։ Իսկ չար ոգիները երբ զինք կը տեսնէին, կ՚իյնային իր առջեւ եւ կ՚աղաղակէին. «Դուն Աստուծոյ Որդին ես»։ Յիսուս խստիւ կը սաստէր զանոնք, որ իր ինքնութիւնը չյայտնեն։ Յիսուս լեռ ելաւ եւ իր մօտ կանչեց իր հետեւորդներէն անոնք որ ինք ուզեց։ Անոնք իր մօտ գացին եւ Յիսուս անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց, որպէսզի իրեն հետ միասին ըլլան, քարոզելու ղրկուին, ինչպէս նաեւ իշխանութիւն ունենան հիւանդները բժշկելու եւ չարոգիները հանելու։ Տասներկու աշակերտներն էին՝ Սիմոնը, որ Պետրոս անուանեց, Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսն ու եղբայրը՝ Յովհաննէսը, որոնք Բոաներգես, այսինքն Որոտացող Մարդիկ կոչեց, Անդրէասը, Փիլիպպոսը, Բարթողոմէոսը, մաքսաւոր Մատթէոսը, Թովմասը, Ալփէոսի որդին Յակոբոսը, Թադէոսը, Նախանձայոյզ Սիմոնը եւ Իսկարիոտացի Յուդան, որ զինք մատնեց։ Յետոյ Յիսուս եւ աշակերտները տուն դարձան։ Ժողովուրդը դարձեալ իրենց շուրջ հաւաքուեցաւ, այնպէս որ նոյնիսկ ուտելու ժամանակ չունեցան։ Երբ իր ընտանիքի անդամները լսեցին՝ ելան որ զինք բռնեն, որովհետեւ կ՚ըսէին՝ թէ խելագարեր է։ Օրէնքի ուսուցիչները, որոնք Երուսաղէմէն եկած էին, կ՚ըսէին՝ թէ դեւերու իշխանը՝ Բէեղզեբուղը իր մէջ մտած է եւ թէ անոր զօրութեամբ է որ դեւերը կը հանէ։ Յիսուս իր խօսքը անոնց ուղղեց եւ առակներով խօսելով՝ ըսաւ. – Ինչպէ՞ս Սատանան կրնայ իր գործակալը դուրս հանել։ Եթէ թագաւորութիւն մը ինքն իր մէջ բաժան– բաժան ըլլայ, այդ թագաւորութիւնը չի՛ կրնար կանգուն մնալ։ Նոյնպէս ալ, եթէ ընտանիք մը ինքն իր մէջ բաժնուած ըլլայ, այդ ընտանիքը չի՛ կրնար կանգուն մնալ։ Ուրեմն, եթէ Սատանան ինքն իր դէմ ելած եւ բաժնուած է, չի՛ կրնար դիմանալ, այլ իր իշխանութեան վախճանը եկած է։ Ոչ ոք կրնայ զօրաւոր մէկու մը տունը մտնել եւ անոր ստացուածքը կողոպտել, եթէ նախապէս այդ զօրաւոր մարդը չկապէ։ Անկէ ետք է որ անոր տունը կը կողոպտէ։ Լա՛ւ գիտցէք, մարդիկ որքան ալ մեղք գործեն կամ հայհոյութիւն ընեն, Աստուած պիտի ներէ իրենց այդ բոլորը, բայց յաւիտեան պիտի չներէ՛ անոր՝ որ Սուրբ Հոգիին կը հայհոյէ, այսինքն՝ կը նախատէ, որովհետեւ ըրածը յաւիտենական մեղք է։ Յիսուս ասիկա ըսաւ, որովհետեւ կ՚ըսէին՝ «Չար ոգի կայ իր մէջ»։ Յիսուսի մայրն ու եղբայրները եկան եւ դուրսը կեցած՝ մարդ ղրկեցին որ կանչեն զինք։ Հոն ժողովուրդը իր շուրջ նստած էր։ Երբ իմացուցին իրեն, թէ «Ահա մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ քեզ կ՚ուզեն», Յիսուս պատասխանեց. – Ո՞վ է մայրս կամ որո՞նք են եղբայրներս։ Ապա շուրջը նստողներուն նայելով՝ ըսաւ. – Ահա՛ւասիկ մայրս ու եղբայրներս։ Որովհետեւ ա՛ն որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ՝ անիկա է եղբայրս, քոյրս եւ մայրս։ Յիսուս դարձեալ սկսաւ ուսուցանել Գալիլեայի լիճինեզերքը։ Ժողովուրդը ա՛յնքան խռնուեցաւ իր շուրջ, որ ինք նաւակ մտաւ եւ հոն նստաւ, իսկ ժողովուրդը ցամաքին վրայ լիճին ամբողջ եզերքը բռնած էր։ Անիկա առակներով անոնց շատ բան կը սորվեցնէր։ Իր քարոզութեան ընթացքին ըսաւ. – Լսեցէ՛ք։ Ահա սերմանող մը գնաց սերմ ցանելու։ Սերմանած ատեն սերմերէն ոմանք ինկան ճամբուն եզերքը, եւ երկինքի թռչունները եկան ու կերան զանոնք։ Ուրիշներ ժայռոտ տեղ ինկան, ուր առատ հող չկար եւ անմիջապէս բուսան, քանի հողը խորունկ չէր. եւ երբ արեւը ելաւ՝ այրեցան, եւ որովհետեւ արմատ չունէին՝ չորցան։ Ոմանք ինկան փուշերու մէջ. փուշերը ելան եւ խեղդեցին զանոնք, եւ անոնք պտուղ չտուին։ Իսկ ուրիշներ ալ ինկան լաւ հողի մէջ եւ աճելով պտուղ տուին, ոմանք մէկի տեղ երեսուն, ուրիշներ՝ մէկի տեղ վաթսուն եւ կամ մէկի տեղ հարիւր։ Եւ ըսաւ. – Ականջ ունեցողը թող լսէ։ Երբ Յիսուս առանձին մնաց, զինք լսողներէն ոմանք տասներկու աշակերտներուն հետ եկան եւ ուզեցին որ իրենց բացատրէ առակը: Յիսուս ըսաւ. - Դուք պէտք է գիտնաք Աստուծոյ արքայութեան գաղտնիքները, բայց անոնց, որոնք դուրսէն են, ամէն ինչ առակներով կը յայտնուի, այնպէս որ՝ «Անդադար պիտի նային, բայց պիտի չտեսնեն, շարունակ պիտի լսեն, բայց պիտի չհասկնան, որպէսզի չըլլայ թէ Աստուծոյ դառնան եւ Աստուած ալ իրենց ներէ»։ Ապա հարցուց անոնց. – Չհասկցա՞ք առակին իմաստը։ Հապա ինչպէ՞ս պիտի հասկնաք բոլոր միւս առակները։ – Սերմանողը Աստուծոյ խօսքն է որ կը սերմանէ։ Ճամբուն եզերքը գտնուող հողը պատկերն է այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, բայց հազիւ լսած՝ ահա Սատանան կու գայ եւ անոնց սրտէն կը հանէ Աստուծոյ խօսքը։ Ժայռոտ հողը նմանութիւնն է այն մարդոց, որոնք երբ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը՝ անմիջապէս ուրախութեամբ կ՚ընդունին զայն. սակայն ասոնք արմատ չունին իրենց մէջ, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատան, եւ երբ նեղութեան կամ Աստուծոյ խօսքին համար հալածանքի ենթարկուին՝ անմիջապէս իրենց հաւատքը կը կորսնցնեն։ Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը, հարստութեան հրապոյրը եւ ուրիշ տեսակի ցանկութիւններ զիրենք կը գրաւեն ու կը խեղդեն իրենց մէջ ինկած սերմերը, եւ անպտուղ կը դառնան։ Իսկ լաւ հողը կը նմանի այն մարդոց, որոնք կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կ՚ընդունին զայն ու պտուղ կու տան, մէկի տեղ՝ երեսուն, մէկի տեղ՝ վաթսուն եւ մէկի տեղ՝ հարիւր։ Ապա աւելցուց. – Ոեւէ մէկը արդեօք ճրագը ներս կը բերէ՞ կաթսայի կամ անկողինի տակ դնելու համար։ Զայն աշտանակի վրայ չի՞ դներ։ Որովհետեւ չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի, ոչ ալ գաղտնի բան՝ որ երեւան չգայ։ Ականջ ունեցողը թող լսէ։ Յետոյ ըսաւ. - Ուշադի՛ր եղէք ձեր լսած խօսքերուն, որովհետեւ զայն լսողներդ աւելիով պիտի ունենաք։ Ինչ չափով որ ուրիշները չափէք, նոյն չափով Աստուած ձեզ պիտի չափէ։ Որովհետեւ ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն ալ։ Յետոյ Յիսուս շարունակեց. – Աստուծոյ արքայութիւնը կը նմանի հետեւեալին.– Մարդ մը արտին մէջ սերմ կը ցանէ։ Օրեր ու գիշերներ կ՚անցնին, կը քնանայ ու կ՚արթննայ, մինչ այդ սերմերը կը բուսնին ու կ՚աճին, եւ ինք չի գիտեր թէ ի՛նչպէս կը մեծնան։ Այսինքն, հողը ինքնաբերաբար կ՚աճեցնէ սերմը. նախ ցօղունը, ապա հասկը, ապա հասկին մէջ լեցուն ցորենը։ Եւ երբ ցորենը հասուննայ, անմիջապէս հնձուորները արտ կը ղրկէ, որովհետեւ հունձքի ժամը հասած է։ Եւ հարցուց. – Ի՞նչ բանի կրնանք նմանցնել Աստուծոյ արքայութիւնը եւ կամ ի՞նչ օրինակով կրնանք բացատրել։ Անիկա կը նմանի մանանեխի հատիկին, որ հողին մէջ ցանուած ատեն՝ երկրի վրայ եղող սերմերէն ամենէն փոքրն է։ Բայց երբ սերմանուի, կը բուսնի եւ բոլոր տունկերէն աւելիմեծ կ՚ըլլայ. ա՛յնքան մեծ ոստեր կ՚արձակէ, որ անոր շուքին տակ երկինքի թռչունները կու գան եւ բոյն կը շինեն։ Եւ այսպիսի առակներով Յիսուս իր ուսուցումները կը ներկայացնէր ժողովուրդին, այնպէս որ կարենային զինք հասկնալ։ Անիկա առանց առակի ոչինչ կը խօսէր, բայց իր աշակերտներուն հետ առանձին եղած ատեն՝ ամէն ինչկը բացատրէր անոնց։ Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք։ Աշակերտները ձգեցին ժողովուրդը եւ բարձրացան այն նաւակին մէջ, ուր Յիսուս կը գտնուէր։ Հոն ուրիշ նաւակներ ալ կային։ Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը։ Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան, մինչ Յիսուս նաւակին յետսակողմը բարձի մը վրայ կը քնանար։ Աշակերտները արթնցուցին զինք եւ ըսին. – Վարդապե՛տ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք։ Յիսուս ոտքի ելլելով սաստեց հովը, ըսելով. – Դադրէ՛,– եւ լիճին ըսաւ.– Հանդարտէ՛։ Հովը դադրեցաւ եւ կատարեալ հանդարտութիւն տիրեց։ Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք։ Անոնք չափազանց վախցան եւ իրարու կ՚ըսէին. – Ո՞վ է արդեօք այս մարդը, որ նոյնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին իրեն։ Յետոյ լիճին դիմացը, Գերգեսացիներու երկիրը եկան։ Յիսուս հազիւ նաւակէն ելած էր, ահա իրեն հանդիպեցաւ մէկը, որ ժայռափոր գերեզմաններէն եկած էր։ Այս մարդը չար ոգի ունէր իր ներսիդին եւ գերեզմաններու մէջ կը բնակէր։ Նոյնիսկ շղթաներով չէին կրնար զինք կապել։ Շատ անգամ անոր ոտքերն ու ձեռքերը շղթաներով կապած էին, բայց անիկա խորտակեր էր շղթաները եւ կտրտեր ոտնակապերը։ Ոչ ոք կրնար զինք զսպել։ Միշտ, գիշեր ու ցերեկ գերեզմաններու մէջ եւ լեռներու վրայ կը թափառէր ու կ՚աղաղակէր եւ ինքզինք քարով կը վիրաւորէր։ Երբ հեռուէն Յիսուսը տեսաւ, վազեց, ծունկի եկաւ անոր առջեւ եւ բարձր ձայնով աղաղակեց. – Ինձմէ ի՞նչ կ՚ուզես, Յիսո՛ւս, բարձրեալ Աստուծոյ Որդին, Աստուծոյ սիրոյն, զիս մի՛ տանջեր։ ( Ասիկա կ՚ըսէր, որովհետեւ Յիսուս հրամայած էր չար ոգիին՝ ըսելով. «Չար ոգի, ե՛լ այդ մարդուն մէջէն»։) Յիսուս հարցուց անոր. – Ի՞նչ է անունդ։ – Անունս Լէգէոն է,– պատասխանեց,– որովհետեւ շատ ենք։ Չար ոգիները շատ կ՚աղաչէին Յիսուսի, որ զիրենք աշխարհէն դուրս չղրկէ։ Հոն, լերան մօտիկ, խոզերու մեծ երամակ մը կ՚արածէր։ Չար ոգիները բոլորն ալ աղաչեցին Յիսուսի եւ ըսին. – Մեզ խոզերուն ղրկէ, որպէսզի անոնց մէջ մտնենք։ Եւ Յիսուս արտօնեց։ Չար ոգիները մարդուն մէջէն ելան եւ մտան խոզերուն մէջ. եւ խոզերու երամակը, որ շուրջ երկու հազար կը հաշուէր, զառիթափէն վար խուժեց դէպի լիճ եւ հոն խեղդուեցաւ։ Խոզարածները փախան եւ քաղաքին ու ագարակներու մէջ պատմեցին պատահածը։ Ժողովուրդը գնաց տեսնելու թէ ի՛նչ պատահած էր։ Եկան Յիսուսի մօտ եւ սարսափեցան, երբ տեսան դիւահարը, որ նախապէս բազմաթիւ չար ոգիներ ունէր ներսիդին, իսկ այժմ հագուստները հագած էր եւ զգաստացած։ Ականատեսները անոնց պատմեցին ինչ որ պատահած էր դիւահարին եւ խոզերուն։ Ասոր վրայ ժողովուրդը սկսաւ աղաչել Յիսուսի որ հեռանայ իրենց սահմաններէն։ Երբ Յիսուս նաւակ մտաւ, դիւահարը աղաչեց որ միասին երթայ։ Բայց Յիսուս թոյլ չտուաւ, այլ ըսաւ անոր. – Տունդ գնա, քու ընտանիքիդ մօտ, եւ անոնց պատմէ՛ ինչ որ Տէրը ըրաւ քեզի եւ ի՛նչպէս ողորմեցաւ քեզի։ Անիկա գնաց եւ ինչ որ Յիսուս ըրած էր՝ պատմեց Դեկապոլիսի մէջ։ Լսողները բոլորն ալ կը զարմանային։ Երբ Յիսուս կրկին լիճին միւս կողմը անցաւ, մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ իր շուրջ, լիճին եզերքը։ Եւ ահա տեղւոյն ժողովրդապետներէն մէկը, որ Յայրոս կը կոչուէր, եկաւ Յիսուսի մօտ։ Հազիւ զայն տեսած, ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ եւ շատ կ՚աղաչէր, ըսելով. – Աղջիկս մահամերձ է, եկուր եւ ձեռքդ դիր անոր վրայ, որպէսզի առողջանայ եւ ապրի։ Յիսուս գնաց Յայրոսի հետ։ Իրեն հետ խուռն բազմութիւն մըն ալ կ՚երթար եւ կը նեղէր զինք։ Կին մը կար, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր։ Անիկա բժիշկներու ձեռքէն շատ նեղութիւն քաշած էր, իր ամբողջ ունեցածը վատներ էր, բայց օգուտ չէր տեսած, ընդհակառակը, հիւանդութիւնը աւելի վատթարացեր էր։ Լսելով Յիսուսի մասին, ամբոխին մէջէն եւ Յիսուսի ետեւէն եկաւ եւ դպաւ անոր հագուստին։ Որովհետեւ ինքնիրեն կը խորհէր ու կ՚ըսէր. «Միայն դպչիմ անոր հագուստին եւ պիտի բժշկուիմ»։ Անմիջապէս անոր արիւնահոսութիւնը դադրեցաւ, եւ ինք մարմնին մէջ զգաց որ իր հիւանդութենէն բժշկուեցաւ։ Նոյն պահուն Յիսուս զգաց թէ իրմէ զօրութիւն մը դուրս եկաւ. ամբոխին մէջ ետեւ դարձաւ եւ ըսաւ. – Ո՞վ դպաւ հագուստիս։ Աշակերտները ըսին իրեն. – Կը տեսնես որ ամբոխը քեզ կը հրմշտկէ, եւ դուն կ՚ըսես, «Ո՞վ դպաւ հագուստիս»։ Յիսուս չորս կողմը կը նայէր՝ տեսնելու համար թէ ո՛վ ըրաւ։ Կինը, քանի գաղտնի դպած էր Յիսուսի, եւ գիտնալով թէ ի՛նչ պատահած էր իրեն, վախէն դողդղալով եկաւ ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ եւ իրականութիւնը ըսաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Աղջի՛կս, հաւատքդ քեզ փրկեց. խաղաղութեամբ գնա եւ բժշկուէ՛ քու ցաւերէդ։ Մինչ Յիսուս ասիկա կ՚ըսէր, ժողովրդապետին տունէն ոմանք եկան եւ ըսին Յայրոսի. – Աղջիկդ մեռաւ, ալ ինչո՞ւ կը յոգնեցնես Վարդապետը ։ Յիսուս այս խօսքերը երբ լսեց, ըսաւ ժողովրդապետին. – Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛։ Յետոյ չձգեց որ ոեւէ մէկը իրեն հետ երթայ, բացի Պետրոսէն, Յակոբոսէն եւ անոր եղբօրմէն՝ Յովհաննէսէն։ Երբ հասաւ ժողովրդապետին տունը, տեսաւ ամբոխ մը, որ կու լար եւ ողբ ու կոծ կ՚ընէր։ Յիսուս ներս մտաւ եւ ըսաւ անոնց. – Ի՞նչ իրար անցեր էք ու կու լաք. փոքրիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ։ Բայց անոնք սկսան զինք ծաղրել։ Յիսուս բոլորն ալ դուրս հանեց եւ իրեն հետ առնելով փոքրիկին հայրն ու մայրը, ինչպէս նաեւ երեք աշակերտները, մտաւ այն սենեակը ուր փոքրիկը պառկած էր։ Յիսուս բռնեց փոքրիկին ձեռքէն եւ ըսաւ. – Տալիթա՛, կումի՛, որ կը նշանակէ՝ «Աղջիկ, քեզի կ՚ըսեմ՝ ե՛լ»։ Աղջիկը, որ շուրջ տասներկու տարեկան էր, անմիջապէս ոտքի ելաւ եւ սկսաւ շրջիլ։ Ասիկա տեսնելով՝ ամէնքն ալ զարմացան։ Բայց Յիսուս անոնց խստիւ պատուիրեց որ ոեւէ մէկուն բան չըսեն. եւ ըսաւ որ ուտելիք տան անոր։ Յիսուս հոնկէ ելաւ եւ իր հայրենի քաղաքը գնաց. իր աշակերտները իրեն կը հետեւէին։ Երբ Շաբաթ օրը եկաւ, անիկա ժողովարանին մէջ սկսաւ ուսուցանել։ Շատեր երբ կը լսէին, կը զարմանային անոր ուսուցումներուն վրայ եւ կ՚ըսէին. – Ասիկա ուրկէ՞ այսչափ բան գիտէ։ Այս ի՞նչ իմաստութիւն է որ տրուած է իրեն։ Ինչպէ՞ս այսպիսի հրաշքներ կը կատարէ։ Ասիկա ատաղձագործին եւ Մարիամի զաւակը չէ՞, Յակոբի, Յովսէսի, Յուդայի եւ Սիմոնի եղբայրը։ Իր քոյրերը հոս մեր մօտ չե՞ն բնակիր։ Եւ այս պատճառով կը դժուարանային հաւատալ իրեն։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Մարգարէն իր հայրենի քաղաքին, գերդաստանին եւ ընտանիքին մէջ յարգ չունի։ Եւ չկրցաւ ոեւէ հրաշք գործել հոն, բայց միայն սակաւաթիւ հիւանդներ բժշկեց՝ անոնց վրայ ձեռքերը դնելով։ Եւ կը զարմանար իր քաղաքացիներուն անհաւատութեան վրայ։ Յիսուս շրջակայ գիւղերը պտըտելով՝ կ՚ուսուցանէր։ Իր մօտ կանչելով տասներկու աշակերտները, սկսաւ զանոնք զոյգ–զոյգ ղրկել՝ չար ոգիներուն վրայ իշխանութիւն տալով անոնց, ու պատուիրեց. – Ճամբու համար ձեզի հետ ո՛չ մէկ բան առէք՝ բացի գաւազանէ մը. ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց, ո՛չ ալ դրամ ձեր գօտիներուն մէջ։ Այլ հողաթափ հագէք եւ աւելորդ հագուստ մի՛ առնէք ձեզի հետ։ Ապա աւելցուց. – Ո՛ր տունը որ մտնէք եւ ձեզ ընդունին, հոն իջեւանեցէք մինչեւ որ մեկնիք հոնկէ։ Իսկ երբ դուրս ելլէք ոեւէ տեղէ, որուն բնակիչները ձեզ չեն ընդունիր եւ չեն լսեր, ձեր ոտքի փոշին թօթուեցէք՝ իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։ Աշակերտները գացին եւ սկսան ժողովուրդին քարոզել որ ապաշխարեն։ Բազմաթիւ չար ոգիներ կը հանէին, շատ մը հիւանդներ իւղով կ՚օծէին եւ զանոնք կը բժշկէին։ Հերովդէսթագաւոր լսեցայսբոլորը, որովհետեւ Յիսուսի հռչակը ամէն տեղ կը տարածուէր։ Ոմանք կ՚ըսէին։ – Անիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, որ մեռելներէն յարութիւն առած է եւ այս պատճառով հրաշքներ կը գործուին իր ձեռքով։ Ուրիշներ կ՚ըսէին. – Եղիան է։ Իսկ ոմանք կ՚ըսէին. – Մարգարէ մըն է, նախկին մարգարէներէն մէկուն պէս։ Երբ Հերովդէս լսեց, ըսաւ. – Ասիկա Յովհաննէս Մկրտիչն է, որուն գլուխը ես կտրել տուի եւ հիմա մեռելներէն յարութիւն առեր է։ Հերովդէս ինքն էր որ Յովհաննէսը ձերբակալել տուած էր, շղթայել եւ բանտ նետել տուած, Հերովդիայի՝ իր Փիլիպպոս եղբօրը կնոջ պատճառով, որուն հետ ինք ամուսնացաւ։ Քանի Յովհաննէս Հերովդէսի կ՚ըսէր. – Մեր Օրէնքը թոյլ չի՛ տար որ դուն եղբօրդ կինը առնես։ Այս պատճառով Հերովդիա ոխ ունէր Յովհաննէսի դէմ, կ՚ուզէր սպաննել զայն, բայց չէր կրնար, որովհետեւ Հերովդէս կ՚ակնածէր Յովհաննէսէն, քանի գիտէր որ Յովհաննէս արդար եւ սուրբ մէկն էր ու կը պաշտպանէր զայն եւ հաճոյքով կը լսէր անոր խօսքերը եւ շատ բան կը գործադրէր։ Եւ Հերովդիայի համար յարմար առիթը եկաւ։ Հերովդէս իր ծննդեան տարեդարձին առիթով խնճոյք մը սարքեց իր նախարարներուն, հազարապետներուն եւ Գալիլեայի երեւելիներուն համար։ Հերովդիայի աղջիկը ներս մտաւ եւ սկսաւ պարել. ասիկա Հերովդէսի եւ իր հիւրերուն հաճելի թուեցաւ։ Ուստի թագաւորը աղջըկան ըսաւ. – Ի՛նչ որ ուզես ինձմէ՝ պիտի տամքեզի։ Բազմաթիւ անգամներ երդում կ՚ընէր՝ ըսելով. – Ի՛նչ որ խնդրես ինձմէ՝ պիտի տամ քեզի, մինչեւ իսկ թագաւորութեանս կէսը։ Աղջիկը դուրս ելաւ եւ մօրը հարցուց. – Ի՞նչ ուզեմ։ Մայրը ըսաւ. – Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը։ Աղջիկը աճապարանքով ներս մտաւ թագաւորին մօտ եւ ըսաւ անոր. – Կ՚ուզեմ որ հիմա անմիջապէս ափսէի մը վրայ Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխը տաս ինծի։ Թագաւորը շատ տխրեցաւ, բայց չկրցաւ մերժել զայն՝ իր ըրած երդումներուն եւ հրաւիրեալներուն պատճառով։ Ուստի թագաւորը անմիջապէս դահիճը ղրկեց, հրամայելով՝ բերել Յովհաննէսի գլուխը։ Դահիճը գնաց, գլխատեց Յովհաննէսը բանտին մէջ եւ ափսէի մը վրայ գլուխը բերաւ ու տուաւ աղջկան, իսկ աղջիկն ալ տարաւ տուաւ իր մօրը։ Երբ Յովհաննէսի աշակերտները լսեցին ասիկա, եկան, առին մարմինը եւ գերեզմանի մը մէջ դրին։ Առաքեալները վերադարձան Յիսուսի մօտ եւ անոր պատմեցին ինչ որ կատարեցին եւ սորվեցուցին։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Եկէք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը կը հանգչինք։ Որովհետեւ ժողովուրդէն շատերուն երթալ–գալուն պատճառով ուտելու իսկ առիթ չէին ունեցած։ Հետեւաբար իրենք առանձինն նաւակ առին եւ գացին ամայի վայր մը։ Երբ ժողովուրդը տեսաւ անոնց երթալը եւ գիտցաւ թէ Յիսուս անոնց հետ է, շրջակայ քաղաքներու բնակիչներէն շատեր լիճին եզերքէն վազելով՝ անոնցմէ առաջ հասան անոնց երթալիք վայրը։ Երբ Յիսուս նաւակէն դուրս ելաւ եւ տեսաւ ամբոխը, գթաց անոնց, որովհետեւ հովիւ չունեցող ոչխարներու կը նմանէին։ Ապա սկսաւ շատ բաներ ուսուցանել անոնց։ Երբ բաւական ժամանակ անցաւ, աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին. – Ամայի տեղ ենք, եւ արդէն բաւական ուշ է. արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի շրջակայ ագարակներն ու գիւղերը երթան իրենց համար ուտելիք գնելու, որովհետեւ ուտելիք չունին։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։ Անոնք հարցուցին. – Կ՚ուզե՞ս որ երթանք եւ երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց գնենք զանոնք կերակրելու համար։ Յիսուս ըսաւ. – Քանի՞ հաց ունիք, գացէք ստուգեցէք։ Աշակերտները ստուգեցին եւ ըսին. – Հինգ հաց եւ երկու ձուկ։ Յիսուս հրամայեց աշակերտներուն, որ ժողովուրդը խումբ–խումբ նստեցնեն դալար խոտին վրայ, եւ անոնք հարիւրական եւ յիսունական հոգիներէ բաղկացած խումբերով նստան։ Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն՝ որպէսզի բաշխեն, եւ երկու ձուկերը բաժնեց ժողովուրդին։ Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աւելցած հացի եւ ձուկի կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։ Իսկ ուտողներուն թիւը, միայն այր մարդիկը հաշուած, շուրջ հինգ հազար էր։ Ապա Յիսուս անմիջապէս աշակերտները ստիպեց որ նաւակ ելլեն եւ իրմէ առաջ երթան Բեթսայիդա, լիճին միւս կողմը, մինչեւ որ ինք ժողովուրդը արձակէ։ Ժողովուրդէն հրաժեշտ առնելէն ետք, Յիսուս լեռ բարձրացաւ աղօթելու։ Երբ երեկոյ եղաւ, նաւակը լիճին մէջտեղն էր, եւ Յիսուս առանձինը՝ ցամաքին վրայ։ Տեսաւ որ աշակերտները նաւակը վարելու մեծ դժուարութեան մէջ էին, որովհետեւ հովը իրենց դիմացէն կը փչէր։ Առաւօտեան ժամը չորսի մօտ էր, երբ ինք ջուրին վրայէն քալելով՝ անոնց քով եկաւ եւ կ՚ուզէր զանոնք անցնիլ։ Աշակերտները երբ տեսան որ ջուրին վրայէն կը քալէր, կարծեցին թէ ուրուական մըն է եւ սկսան պոռալ։ Արդարեւ, բոլորն ալ զինք տեսան եւ շատ վախցան։ Յիսուս անմիջապէս խօսեցաւ անոնց հետ եւ ըսաւ. – Քա՛ջ եղէք, ես եմ, մի՛ վախնաք։ Ապա նաւակ բարձրացաւ անոնց քով, եւ հովը դադրեցաւ։ Աշակերտները աւելի ապշեցան եւ շատ զարմացան։ Անոնք արդէն իսկ չէին հասկցած հացի հրաշքին իմաստը եւ հիմա ալ իրենց միտքը փակուած էր։ Ապա լիճին դիմացը անցնելով եկան Գեննեսարէթ, ուր ցամաք ելան։ Հազիւ նաւակէն դուրս ելան, այդտեղի ժողովուրդը անմիջապէս ճանչցաւ Յիսուսը։ Յիսուս ո՛ւր որ երթար, ամբողջ գաւառին մէջ, մարդիկ իր ետեւէն հոս ու հոն կը վազէին եւ իրեն կը բերէին հիւանդները իրենց անկողիններուն մէջ։ Եւ ո՛ւր որ մտնէր՝ գիւղ, քաղաք կամ ագարակ, այդ տեղերու մարդիկը իրենց հիւանդները հրապարակներու վրայ կը դնէին եւ կ՚աղաչէին որ գոնէ թոյլ տայ հիւանդներուն, որ իր հագուստի քղանցքին դպչին։ Եւ անոնք որ դպան՝ բժշկուեցան։ Փարիսեցիները եւ Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որոնք Երուսաղէմէն եկած էին, հաւաքուեցան Յիսուսի շուրջ։ Անոնք երբ տեսան որ Յիսուսի աշակերտներէն ոմանք պիղծ ձեռքով՝ այսինքն առանց լուացուելու ճաշ կ՚ուտեն, սկսան բամբասել։ Որովհետեւ Փարիսեցիները եւ բոլոր Հրեաները ճաշ չեն ուտեր, եթէ իրենց ձեռքերը նախ լաւ մը չլուան, պահելու համար իրենց նախնիքներէն եկած աւանդութիւնը ։ Նոյնպէս, երբ շուկայէն տուն կու գան, նախ կը լուացուին եւ ապա կ՚ուտեն։ Հինէն եկած ուրիշ աւանդութիւններ ալ կը պահեն, ինչպէս՝ գաւաթներու, սափորներու, պղնձեայ կաթսաներու եւ մահճակալներու լուացումները։ Ուստի Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները հարցուցին Յիսուսի. – Ինչո՞ւ աշակերտներդ նախնիքներու աւանդութիւնը չեն պահեր եւ անլուայ ձեռքով կը ճաշեն։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Եսայի մարգարէն ճիշդ մարգարէացած է ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, երբ կ՚ըսէ.– «Այս ժողովուրդը միայն իր շրթունքներով զիս կը պատուէ, մինչ իր սիրտը շատ հեռու է ինձմէ։ Պարապ տեղ զիս կը պաշտեն, որովհետեւ իրենց սորվեցուցածները մարդոց կողմէ տրուած պատուիրաններ են»։ Արդարեւ ձգած էք Աստուծոյ պատուիրանը եւ մարդոց աւանդութիւնը կը պահէք։ Եւ աւելցուց. – Ձեր աւանդութիւնը պահելու համար աղէկ գտեր էք Աստուծոյ պատուիրանը անարգելու ձեւը։ Օրինակ, Մովսէս պատուիրեց ձեզի՝ ըսելով. «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ» եւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ով որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ՝ մահուան պիտի դատապարտուի»։ Մինչդեռ դուք կը սորվեցնէք՝ թէ «Ով որ իր հօրը կամ մօրը ըսէ.– “Այն օգնութիւնը որ ինձմէ պիտի ստանայիր՝ կորբան է, այսինքն Աստուծոյ նուիրուած է”, ա՛լ չի կրնար օգնել իր հօրը կամ մօրը»։ Այսպիսով ահա Աստուծոյ պատուիրանը կ՚անարգէք ձեր սորվեցուցած աւանդութեամբ։ Տակաւին ասոր պէս շատ բաներ ալ կան որ կ՚ընէք։ Յետոյ Յիսուս իր մօտ կանչեց ամբողջ ժողովուրդը եւ ըսաւ անոնց. – Բոլորդ ալ ինծի մտիկ ըրէք ու լա՛ւ հասկցէք։ Ո՛չ մէկ բան, որ դուրսէն կը մտնէ մարդուն մէջ՝ կրնայ պղծել զայն, այլ ինչ որ դուրս կ՚ելլէ մարդէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը։ Ականջ ունեցողը թող լսէ՛։ Երբ ժողովուրդէն բաժնուեցաւ եւ տուն մտաւ, աշակերտները իրեն հարցուցին թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէր իր հանելուկային խօսքով։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Դո՞ւք ալ այդպէս անմիտ էք։ Չէ՞ք գիտեր, թէ ի՛նչ որ դուրսէն մարդուն ներսը կը մտնէ՝ չի կրնար զայն պղծել, որովհետեւ սիրտին մէջ չէ որ կը մտնէ, այլ՝ անոր ստամոքսը եւ ապա դուրս կ՚ելլէ, մաքրելով բոլոր կերածները։ Եւ ապա շարունակեց. – Ընդհակառակը, ինչ որ մարդէն դուրս կ՚ելլէ՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդս։ Որովհետեւ մարդուն ներսէն, այսինքն սիրտէն է որ կ՚ելլեն չար մտածումները.– շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սպանութիւն, ագահութիւն, չարութիւն, նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն, անզգամութիւն։ Այս բոլոր չար բաներն են որ մարդուս ներսէն ելլելով՝ կը պղծեն զայն։ Ապա հոնկէ ելլելով՝ եկաւ Տիւրոսի եւ Սիդոնի սահմանները։ Տուն մը մտաւ եւ չուզեց որ ոեւէ մէկը գիտնայ իր հոն ըլլալը. բայց չկրցաւ ծածուկ պահել։ Կին մը, որուն աղջիկը չար ոգիէ կը տառապէր, լսելով իր մասին, եկաւ ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ։ Կինը որ հեթանոս մըն էր, Սուրիական Փիւնիկէէն, կ՚աղաչէր Յիսուսի որ իր աղջկան մէջէն չար ոգին դուրս հանէ։ Բայց Յիսուս ըսաւ. – Ձգէ որ նախ մանուկները կշտանան, որովհետեւ ճիշդ չէ՛ մանուկներուն ձեռքէն հացը առնել եւ շուներուն նետել։ Իսկ կինը պատասխանեց. – Տէ՛ր, նոյնիսկ շուները սեղանին տակ կը կերակրուին մանուկներու թափած փշրանքներէն։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Այդ խօսքիդ համար՝ գնա՛, աղջիկիդ մէջէն չար ոգին դուրս ելած է։ Անիկա տուն գնաց եւ աղջիկը անկողինին մէջ պառկած գտաւ, չար ոգին անկէ դուրս ելած։ Յիսուս Տիւրոսի սահմաններէն մեկնելով, Սիդոնի վրայով անցաւ Դեկապոլիսի սահմաններէն եւ եկաւ Գալիլեայի լիճին եզերքը։ Եւ ահա իրեն բերին խուլ եւ համր մարդ մը, խնդրելով որ ձեռքը դնէ անոր վրայ։ Յիսուս զայն ամբոխէն հեռու՝ մէկ կողմ տարաւ, մատները անոր ականջներուն մէջ դրաւ, յետոյ թքեց եւ դպաւ անոր լեզուին։ Ապա երկինք նայեցաւ, հառաչեց եւ ըսաւ. – Եփփաթա՛, որ կը նշանակէ՝ «Բացուէ՛»։ Նոյն վայրկեանին անոր ականջները բացուեցան, եւ լեզուն բացուելով՝ սկսաւ կանոնաւոր կերպով խօսիլ։ Յետոյ Յիսուս պատուիրեց ժողովուրդին, որ ոեւէ մէկուն չըսեն։ Սակայն ի՛նչքան ալ անիկա կը պատուիրէր որ չտարածեն, անոնք առաւել չափով կը պատմէին այս մասին։ Մարդիկ ծայր աստիճան կը զարմանային եւ կ՚ըսէին. – Այս մարդը ամէն ինչ լաւ կը կատարէ. նոյնիսկ խուլերուն լսել կու տայ եւ համրերուն՝ խօսիլ։ Այդ օրերուն դարձեալ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ, եւ ուտելիք ոչինչ ունէին։ Յիսուս կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց. – Կը խղճամ այս ժողովուրդին, որովհետեւ ահա երեք օր է որ մօտս են եւ հիմա ոչինչ ունին ուտելիք։ Եթէ զիրենք անօթի տուն ղրկեմ՝ ճամբու ընթացքին կրնան մարիլ, որովհետեւ անոնցմէ ոմանք հեռու տեղերէ եկած են։ Աշակերտները պատասխանեցին. – Այս ամայի վայրին մէջ ուրկէ՞ կրնաս զանոնք կշտացնելու չափ հաց գտնել։ Յիսուս հարցուց. – Քանի՞ հաց ունիք։ – Եօթը,– պատասխանեցին անոնք։ Յիսուս հրամայեց ժողովուրդին որ գետին նստին։ Ապա առաւ եօթը հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, կտրեց եւ իր աշակերտներուն տուաւ որ հրամցընեն։ Անոնք ալ հրամցուցին ժողովուրդին։ Քանի մը մանր ձուկեր ալ ունէին։ Յիսուս անոնք ալ օրհնեց եւ հրամայեց որ հրամցնեն։ Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ եօթը զամբիւղ լեցուցին։ Իսկ ուտողները շուրջ չորս հազար հոգիէին։ Ապա Յիսուս արձակեց ժողովուրդը, իսկ ինք անմիջապէս աշակերտներուն հետ նաւակ մտաւ եւ եկաւ Դալմանունայի կողմերը։ Փարիսեցիները եկան եւ սկսան Յիսուսի հետ վիճաբանիլ։ Անոնք զինք փորձելու համար՝ իրմէ նշան մը կ՚ուզէին, Աստուծմէ վկայուած ըլլալը հաստատելու համար։ Յիսուս խոր հառաչեց եւ ըսաւ. – Ինչո՞ւ այս սերունդի մարդիկը նշան կ՚ուզեն. վստահ գիտցէք, որ ձեզի նշան պիտի չտրուի՛։ Ապա ձգեց զանոնք եւ դարձեալ նաւակ մտնելով՝ գնաց լիճին դիմացի կողմը։ Աշակերտները սակայն մոռցան հաց առնել, եւ միայն մէկ հաց ունէին իրենց հետ նաւակին մէջ։ Յիսուս անոնց պատուիրեց. – Զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներու եւ Հերովդէսի կողմնակիցներու խմորէն ։ Աշակերտները իրենք իրենց կը խորհէին ու կ՚ըսէին. «Այսպէս կ՚ըսէ, «որովհետեւ հաց չունինք»։ Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ. – Թերահաւատնե՛ր, ինչո՞ւ դուք ձեզի կը խորհիք թէ հաց չունիք։ Տակաւին չէ՞ք հասկնար ու չէ՞ք ըմբռներ։ Ձեր մտքերը ապո՞ւշ կտրած են։ Աչք ունիք՝ չէ՞ք տեսներ, ականջ ունիք՝ չէ՞ք լսեր։ Չէ՞ք հասկնար տակաւին։ Չէ՞ք յիշեր, թէ ի՛նչպէս հինգ հացով հինգ հազար հոգի կերակրուեցան, եւ կտորները քանի՞ սակառի մէջ հաւաքեցիք։ Անոնք պատասխանեցին. – Տասներկու։ – Եւ երբ եօթը հացով չորս հազար հոգի կերակրուեցան, քանի՞ զամբիւղի մէջ հաւաքեցիք կտորները։ – Եօթը,– պատասխանեցին։ Եւ Յիսուս ըսաւ. – Ու տակաւին չէ՞ք հասկնար։ Ապա Բեթսայիդա եկան։ Հոն Յիսուսի բերին կոյր մը եւ կ՚աղաչէին իրեն որ դպչի անոր։ Յիսուս կոյրին ձեռքը բռնելով՝ զայն գիւղէն դուրս հանեց, թուքով թրջեց անոր աչքերը եւ ապա ձեռքով դպաւ անոր աչքերուն եւ հարցուց. – Բան մը կը տեսնե՞ս։ Անիկա աչքերը բացաւ եւ ըսաւ. – Մարդիկ կը տեսնեմ, որոնք կարծես ծառ են, բայց կը քալեն։ Յիսուս դարձեալ ձեռքերը դրաւ անոր աչքերուն վրայ։ Անիկա աչքերը բացաւ, նայեցաւ եւ տեսողութիւնը վերագտնելով՝ ամէն ինչ յստակ կը տեսնէր։ Յիսուս զայն տուն ղրկեց եւ ըսաւ. – Գիւղ մի՛ մտներ, այլ տունդ գնա։ Իսկ երբ գիւղ երթաս՝ հոն ոեւէ մէկուն բան չըսես։ Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն հետ գնաց Փիլիպպոսի կառուցած Կեսարիայի գիւղերը։ Ճամբու ընթացքին անոնց հարցուց. – Մարդիկ իմ մասիս ի՞նչ կ՚ըսեն, ո՞վ եմ ես։ Անոնք պատասխանեցին. – Ոմանք կ՚ըսեն՝ թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ՝ մարգարէներէն մէկը։ Յիսուս հարցուց անոնց. – Իսկ դո՞ւք ինչ կ՚ըսէք իմ մասիս. ո՞վ եմ ես։ Պետրոս պատասխանեց. – Դուն Քրիստոսը՝ Օծեալն ես։ Յիսուս խստիւ պատուիրեց անոնց, որ ոեւէ մէկուն չըսեն ասիկա։ Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն սկսաւ ուսուցանել եւ ըսաւ. – Մարդու Որդին շատ պիտի չարչարուի եւ մերժուի երէցներէն, աւագ քահանաներէն եւ Օրէնքի ուսուցիչներէն, պիտի սպաննուի եւ սակայն երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ։ Յիսուս այս բաները յստակօրէն յայտնեց իր աշակերտներուն։ Ասոր վրայ, Պետրոս մէկ կողմ առաւ զայն եւ սկսաւ յանդիմանել։ Իսկ Յիսուս դարձաւ եւ աշակերտները տեսնելով՝ յանդիմանեց Պետրոսը, ըսելով. – Ետի՛ս գնա, Սատանա՛յ, որովհետեւ Աստուծոյ ծրագիրներուն համաձայն չես խորհիր, այլ մարդոց մտահոգութիւնը կ՚արտայայտես։ Ապա իր մօտ կանչեց ժողովուրդը իր աշակերտներուն հետ միասին եւ ըսաւ անոնց. – Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ ինծի եւ Աւետարանին համար իր կեանքը կորսնցնէ՝ պիտի փրկէ զայն։ Ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ։ Որովհետեւ իր կեանքին փոխարէն ի՞նչ փրկագին կրնայ տալ։ Ով որ զիս կամ խօսքերս ընդունիլը ամօթ նկատէ, Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ մեղաւոր այս սերունդին մէջ, Մարդու Որդին ալ զայն ընդունիլը ամօթ պիտի նկատէ՝ երբ գայ իր Հօրը փառքով, սուրբ հրեշտակներուն հետ։ Եւ Յիսուս աւելցուց. - Վստահ եղէք, որ հոս գտնուողներէն ոմանք պիտի չմեռնին, մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը, որ զօրութեամբ պիտի գայ։ Վեց օր ետք՝ Յիսուս իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին։ Հոն այլակերպեցաւ անոնց առջեւ. հագուստները փայլուն, ձիւնի պէս ճերմակ եղան, այնքան՝ որ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ թափիչ կրնար այդպէս ճերմակ դարձնել։ Եւ անոնց երեւցաւ Եղիան, Մովսէսի հետ միասին, որոնք Յիսուսի հետ կը խօսէին։ Պետրոս ըսաւ Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, լաւէոր հոս մնանք. երեք վրաններ շինենք՝ մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար։ Անոնք ա՛յնքան վախցած էին, որ Պետրոս չէր գիտեր թէ ինչ կ՚ըսէր։ Ամպ մը ծածկեց զիրենք, եւ ամպին մէջէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր. –Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս. անոր մտիկ ըրէք։ Անոնք յանկարծ չորս կողմ նայեցան, բայց Յիսուսէ զատ ոչ ոք տեսան իրենց հետ։ Եւ մինչ լեռնէն վար կ՚իջնէին, Յիսուս անոնց պատուիրեց որ իրենց տեսածին մասին ոեւէ մէկուն բան չըսեն, մինչեւ որ Մարդու Որդին մեռելներէն յարութիւն առնէ։ Անոնք Յիսուսի այս պատուէրը մտքի մէջ պահեցին, բայց իրարու հարց կու տային թէ ի՛նչ կը նշանակէ «մեռելներէն յարութիւն առնել»։ Եւ հարցուցին Յիսուսի. – Ինչո՞ւ Օրէնքի ուսուցիչները կ՚ըսեն՝ թէ նախ Եղիան պէտք է գայ։ Անիկա պատասխանեց. – Ճիշդ է, որ նախ Եղիան գալով ամէն ինչ կարգի պիտի դնէ։ Սակայն եւ այնպէս՝ ինչո՞ւ Սուրբ գիրքերը կ՚ըսեն թէ Մարդու Որդին շատ պիտի չարչարուի եւ անարգուի։ Բայց կ՚ըսեմ ձեզի, թէ Եղիան արդէն իսկ եկած է, եւ մարդիկ անոր հետ իրենց ուզածին պէս վարուեցան, ինչպէս որ Սուրբ գիրքերուն մէջ անոր մասին գրուած է։ Երբ միւս աշակերտներուն քով եկան, տեսան որ բազմութիւն մը անոնց շուրջ հաւաքուած էր եւ Օրէնքի ուսուցիչներ կը վիճաբանէին անոնց հետ։ Ամբողջ ժողովուրդը հազիւ զինք տեսած՝ զարմացաւ եւ իր քով վազեց ողջունելու համար զինք։ Յիսուս հարցուց իր աշակերտներուն։ – Ի՞նչ բանի շուրջ կը վիճաբանէիք անոնց հետ։ Ժողովուրդէն մէկը ըսաւ Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, քեզի բերի զաւակս, որ չար ոգիին պատճառով համր դարձած է։ Ուր որ պատահի, չար ոգին զինք կը զգետնէ. տղուս բերանը կը փրփրի, եւ ակռաները կը կրճտէ ու ապա կը պրկուի։ Աշակերտներուդ ըսի որ հանեն չար ոգին, բայց չկրցան։ Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Ո՛վ անհաւատ սերունդ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ. մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժեմ ձեզի։ Հո՛ս բերէք զայն։ Եւ անոնք բերին։ Չար ոգին հազիւ Յիսուսը տեսած՝ ցնցեց տղան, որ գետին ինկաւ եւ սկսաւ տապլտկիլ՝ բերանը փրփուրներով լեցուն։ Յիսուս անոր հօրը հարցուց. – Ո՞րքան ատենէ ի վեր ասիկա կը պատահի իրեն։ – Մանկութենէն ի վեր,– պատասխանեց հայրը։ – Չար ոգին զինք սպաննելու համար շատ անգամ կրակի եւ ջուրի մէջ կը նետէ զինք։ Արդ, եթէ կրնաս բան մը ընել, Տէ՜ր, խղճա՛ եւ օգնէ՛ մեզի։ Յիսուս ըսաւ. – Ըսիր՝ «Եթէ կրնաս»։ Ամէն ինչ կարելի է անոր համար՝ որ կը հաւատայ։ Անմիջապէս տղուն հայրը գոչեց. – Կը հաւատա՛մ, օգնէ՛ որ հաւատքս զօրանայ։ Յիսուս երբ տեսաւ որ ժողովուրդը չորս կողմէն կը դիզուի, սաստեց չար ոգին՝ ըսելով. – Համր եւ խո՛ւլ ոգի, կը հրամայեմ որ դո՛ւրս ելլես տղուն մէջէն եւ անգամ մըն ալ չմտնե՛ս։ Չար ոգին աղաղակով մը զգետնեց տղան եւ դուրս ելաւ անկէ։ Տղան մեռելի պէս եղաւ, այնպէս որ շատեր ըսին թէ մեռաւ։ Յիսուս բռնեց անոր ձեռքէն, վերցուց, եւ տղան ոտքի կանգնեցաւ։ Երբ Յիսուս տուն մտաւ, աշակերտները առանձին հարցուցին անոր. – Մե՞նք ինչու չկրցանք հանել չար ոգին։ Յիսուս պատասխանեց. – Այդ տեսակ չար ոգին միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է դուրս հանել։ Անոնք այդտեղը ձգեցին եւ անցան Գալիլեայի մէջէն։ Յիսուս չէր ուզեր որ մէկը գիտնայ, որովհետեւ իր աշակերտներուն կը սորվեցնէր, ըսելով. – Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը, որոնք պիտի սպաննեն զայն։ Բայց սպանութենէն երեք օր ետք անիկա յարութիւն պիտի առնէ։ Անոնք չէին հասկնար այս խօսքին իմաստը եւ կը վախնային հարցնելու։ Կափառնաում եկան։ Երբ տուն մտան, Յիսուս հարցուց իր աշակերտներուն. – Ի՞նչ բանի մասին կը վիճաբանէիք ճամբու ընթացքին։ Անոնք լուռ մնացին, որովհետեւ ճամբու ընթացքին իրարու հետ կը վիճաբանէին թէ ո՛վ է մեծը։ Երբ նստաւ, կանչեց տասներկու աշակերտները եւ ըսաւ անոնց. – Եթէ մէկը կ՚ուզէ առաջին ըլլալ՝ թող բոլորին վերջինը եւ բոլորին սպասաւորը ըլլայ։ Ապա փոքրիկ մը առաւ, անոնց մէջտեղ կանգնեցուց եւ զայն գրկելով ըսաւ. – Ով որ այսպիսի փոքրիկ մը իմ անունովս ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ո՛չ թէ զիս, այլ զիս ղրկողը ընդունած կ՚ըլլայ։ Յովհաննէս ըսաւ անոր. – Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր։ Յիսուս ըսաւ. – Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն, որովհետեւ ոեւէ մէկը չի՛ կրնար իմ անունովս հրաշք գործել եւ անմիջապէս ինծի դէմ խօսիլ։ Որովհետեւ ան որ մեզի հակառակ չէ, կը նշանակէ թէ մեր կողմն է։ Վստահ եղէք, թէ ան որ ձեզի գաւաթ մը ջուր կու տայ՝ որովհետեւ Քրիստոսի կը պատկանիք, իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ։ – Եւ ով որ ինծի հաւատացող այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէ, աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ գայթակղեցնողին վիզին մեծ երկանաքար անցուի եւ ծովը ձգուի։ Եթէ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ կտրէ՛ զայն, որովհետեւ աւելի լաւ է խեղանդամ մտնել յաւիտենական կեանքը, քան թէ երկու ձեռք ունենալ եւ իյնալ դժոխքի անշէջ կրակին մէջ։ Եթէ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ կտրէ՛ զայն. աւելի լաւ է կաղ ոտքով մտնել յաւիտենական կեանքը, քան թէ երկու ոտք ունենալ եւ իյնալ դժոխք։ Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ հանէ՛ զայն, աւելի լաւ է միականի մտնել Աստուծոյ արքայութիւնը, քան թէ երկու աչք ունենալ եւ իյնալ դժոխք, ուր «զանոնք կրծող որդը չի մեռնիր եւ կրակը չի մարիր»։ Որովհետեւ ամէն մարդ կրակով պիտի մաքրուի, ինչպէս ամէն զոհ՝ աղով։ Լաւ բան է աղը, բայց եթէ իր համը կորսնցնէ՝ ինչո՞վ պիտի աղեն զայն։ Արդ, աղ ունեցէք դուք ձեր մէջ եւ իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրեցէք։ Յիսուս հոնկէ ելլելով՝ եկաւ Հրէաստանի սահմանները, Յորդանան գետին դիմացի կողմը, եւ դարձեալ ժողովուրդը խռնուեցաւ իր շուրջ, եւ ինք իր սովորութեան համաձայն նորէն անոնց կ՚ուսուցանէր։ Փարիսեցիները Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին. – Մեր Օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Մովսէս ի՞նչ օրէնք սահմանեց ձեզի։ Անոնք պատասխանեցին. – Մովսէս մեզի արտօնութիւն տուաւ բաժանման թուղթ տալու կնոջ եւ արձակելու զայն։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Մովսէս ձեր խստասրտութեա՛ն պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց։ Սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին։ Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց։ Տան մէջ աշակերտները դարձեալ նոյն նիւթին շուրջ հարցուցին Յիսուսի։ Անիկա պատասխանեց. – Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ առաջինին դէմ։ Կինն ալ, եթէ իր ամուսինէն արձակուելէն ետք ուրիշի մը հետ ամուսնանայ՝ կը շնայ։ Ժողովուրդէն ոմանք մանուկներ բերին Յիսուսի, որպէսզի ձեռքը դնէ անոնց վրայ, բայց աշակերտները սաստեցին բերողները։ Երբ Յիսուս տեսաւ, բարկացաւ եւ սաստեց աշակերտները, ըսելով. – Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը։ Լաւ գիտցէք, ով որ Աստուծոյ արքայութիւնը չ՚ընդունիր փոքրիկ մանուկի մը պէս, հոն պիտի չմտնէ։ Ապա գրկեց զանոնք եւ ձեռքը դնելով անոնց վրայ՝ օրհնեց զանոնք։ Հազիւ Յիսուս հոնկէ ճամբայ կ՚ելլէր, ահա մեծահարուստ մարդ մը վազելով եկաւ իր մօտ, ծունկի եկաւ եւ հարցուց. – Բարի՛ Վարդապետ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։ Յիսուս ըսաւ անոր. - Ինչո՞ւ զիս բարի կը կոչես։ Միայն Աստուածբարի է։ Պատուիրանները գիտես. «Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, ուրիշին իրաւունքը մի՛ յափշտակեր, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ»։ Անիկա պատասխանեց։ – Վարդապե՛տ, այդ բոլորը պատանութենէս ի վեր պահած եմ, հետեւաբար ալ ի՞նչ կը պակսի ինծի։ Յիսուս սիրով աչքերը յառեց անոր եւ ըսաւ. - Մէկ բան տակաւին պէտք է ընես։ Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ՝ գնա՛, ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ աղքատներուն տուր. այդպիսով երկինքի մէջ գանձ պիտիունենաս, եւ յետոյ ա՛ռ խաչդ եւ հետեւէ՛ ինծի։ Երիտասարդը երբ ասիկա լսեց, խոժոռեցաւ եւ տրտում–տխուր գնաց, որովհետեւ շատ հարուստ էր։ Յիսուս չորս կողմը նայելով՝ ըսաւ աշակերտներուն. – Որքա՜ն դժուար է հարստութիւն ունեցողներուն համար՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Աշակերտները այս խօսքերուն վրայ զարմացան, բայց Յիսուս շարունակեց եւ ըսաւ. – Որդեակներ, որքա՜ն դժուար է հարստութեան վրայ յոյս դնողներուն համար՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Շատ աւելի դիւրին է որ պարանը ասեղի ծակէն մտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը։ Աշակերտները ա՛լ աւելի զարմացան եւ իրարու ըսին. – Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ։ Յիսուս նայեցաւ անոնց եւ ըսաւ. – Մարդոց համար ատիկա անկարելի է, բայց ո՛չ Աստուծոյ համար. որովհետեւ ամէն ինչ կարելի է Աստուծոյ համար։ Ասոր վրայ Պետրոս ըսաւ Յիսուսի. – Ահա մեր ամբողջ ունեցածը ձգեցինք եւ հետեւեցանք քեզի։ Յիսուս անոր ըսաւ. – Վստա՛հ եղէք, ով որ կը ձգէ տուն, եղբայրներ, քոյրեր, հայր, մայր, զաւակներ եւ ագարակներ՝ ինծի համար կամ Աւետարանին համար, ներկայ կեանքին մէջ հարիւրապատիկ տուներ, եղբայրներ, քոյրեր, մայրեր, զաւակներ եւ ագարակներ պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ հալածանքներ պիտի կրէ, եւ գալիք աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։ Շատեր որոնք հիմա առաջին են՝ վերջին պիտի ըլլան, եւ շատ մը վերջին եղողներ՝ առաջին։ Յիսուս եւ իր աշակերտները ճամբայ ելած էին Երուսաղէմ երթալու համար։ Յիսուս անոնցմէ առաջ անցած կ՚երթար, եւ իր աշակերտները զարմացած էին, իսկ անոնց հետեւող մարդիկը կը վախնային։ Յիսուս տասներկու աշակերտները դարձեալ մէկ կողմ առնելով՝ սկսաւ անոնց ըսել ինչ որ իրեն պիտի պատահէր։ – Ահա Երուսաղէմ կ՚երթանք,– ըսաւ,– ուր Մարդու Որդին պիտի մատնուի աւագ քահանաներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն ձեռքը, որոնք զինք մահուան պիտի դատապարտեն եւ ապա հեթանոսներուն ձեռքը յանձնեն։ Անոնք պիտի ծաղրեն զինք, ծեծեն, թքնեն վրան եւ սպաննեն, բայց երեք օր ետք անիկա յարութիւն պիտի առնէ։ Յակոբոսն ու Յովհաննէսը՝ Զեբեդէոսի որդիները, Յիսուսի մօտենալով՝ սկսան միասին քալել եւ ըսին Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, կ՚ուզենք որ մեր խնդրանքը կատարես։ Յիսուս հարցուց. – Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ ձեզի։ Անոնք պատասխանեցին. – Երբ թագաւորութեանդ փառքի գահին նստիս, շնորհէ՛ որ մենք քու աջ եւ ձախ կողմդ նստինք։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Չէք գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ուզէք։ Կրնա՞ք խմել տառապանքի այն բաժակէն, որմէ ես պիտի խմեմ, կամ կրնա՞ք յանձն առնել այն մկրտութիւնը, որով ես պիտի մկրտուիմ։ – Կրնա՛նք,– պատասխանեցին անոնք։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Արդարեւ դուք պիտի խմէք այն բաժակէն, որմէ ես պիտի խմեմ եւ մկրտուիք այն մկրտութեամբ, որով ես պիտի մկրտուիմ, բայց իմ աջ եւ ձախ կողմս նստեցնելու իրաւունքը իմս չէ, այլ այդ տեղերը պիտի տրուին անոնց՝ որոնց համար պատրաստուած են։ Երբ միւս տասը աշակերտները լսեցին ասիկա, սկսան բարկանալ Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի վրայ։ Յիսուս զանոնք իր մօտ կանչեց եւ ըսաւ. – Գիտէք որ ազգերու իշխան նկատուածները կը տիրեն իրենց հպատակներուն վրայ եւ ղեկավարները կ՚իշխեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ։ Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ՛ ըլլայ։ Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր բոլորին սպասաւորը ըլլայ, եւ եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ՝ պէտք է բոլորին ծառան ըլլայ, որովհետեւ Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու։ Երիքով եկան։ Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն եւ մեծ բազմութեան մը հետ դուրս կու գար Երիքովէն, Տիմէի որդին՝ Բարտիմէոսը, որ կոյր մուրացկան մըն էր, ճամբու եզերքին նստած էր։ Երբ լսեց որ անցնողը Նազովրեցի Յիսուսն է, սկսաւ աղաղակել. – Դաւիթի՛ Որդի, Յիսո՜ւս, ողորմէ՛ ինծի։ Շատեր սաստեցին զայն որ լռէ, իսկ անիկա աւելի բարձր ձայնով կ՚աղաղակէր. – Դաւիթի՛ Որդի, ողորմէ՛ ինծի։ Յիսուս կանգ առաւ եւ հրամայեց իրեն բերել կոյրը։ Անոնք կանչեցին կոյրը եւ ըսին. – Քաջալերուէ՛, ե՛լ, քեզ կը կանչէ։ Անիկա վերարկուն նետեց, ոտքի ցատկեց եւ Յիսուսի մօտ եկաւ։ Յիսուս հարցուց անոր. – Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ քեզի։ Կոյրը պատասխանեց. – Վարդապե՛տ, կ՚ուզեմ որ աչքերս բացուին։ Յիսուս ըսաւ. – Գնա՛, հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Անմիջապէս անոր աչքերը բացուեցան եւ ճամբու ընթացքին Յիսուսի կը հետեւէր։ Երբ մօտեցան Երուսաղէմի, Բեթփագէիեւ Բեթանիայի, Ձիթենեաց լերան մօտիկը, Յիսուս իր աշակերտներէն երկու հոգի ղրկեց, անոնց պատուիրելով. – Գացէք սա դիմացի գիւղը. հազիւ մտած՝ հոն կապուած աւանակ մը պիտի գտնէք, որուն վրայ ոչ ոք նստած է տակաւին։ Քակեցէ՛ք զայն եւ բերէ՛ք։ Եթէ ոեւէ մէկը հարցնէ՝ «Ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը», իրենըսէք՝ «Տէրը անոր պէտք ունի», եւ անիկա անմիջապէս հոս պիտի ղրկէ զայն։ Երկու աշակերտները գացին եւ դուրսը փողոցին մէջ գտան աւանակը, տան մը դրան կապուած, ու քակեցին զայն։ Հոն կեցողներէն ոմանք ըսին. – Այդ ի՞նչ կ՚ընէք, ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը։ Աշակերտները պատասխանեցին այնպէս՝ ինչպէս պատուիրած էր Յիսուս. ուստի թոյլ տուին իրենց։ Աշակերտները բերին զայն Յիսուսի եւ իրենց վերարկուները աւանակին վրայ դրին։ Ապա Յիսուս նստաւ անոր վրայ։ Շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, իսկ ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ։ Անոնք որոնք Յիսուսի առջեւէն կ՚երթային կամ կը հետեւէին իրեն, կ՚աղաղակէին.– «Ովսաննա՜ Բարձրեալին, օրհնեա՜լ ըլլաս դուն որ կու գաս Տիրոջ անունով. օրհնեա՜լ ըլլայ քու թագաւորութիւնդ, մեր հօր Դաւիթի թագաւորութիւնը, որ կու գայ, խաղաղութի՜ւներկինքիմէջեւ փա՜ռք Բարձրեալին»։ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ եւ տաճար գնաց, ուր իր շուրջըամէն ինչ աչքէ անցուց։ Եւ որովհետեւ արդէն երեկոյ եղած էր, տասներկու աշակերտներուն հետ Բեթանիա գնաց։ Յաջորդ օր, երբ Բեթանիայէն կ՚ելլէին, Յիսուս անօթեցաւ։ Հեռուն տերեւներով լեցուն թզենի մը տեսնելով՝ գնաց դէպի ծառը, յուսալով որ վրան թուզ պիտի գտնէ։ Բայց երբ մօտեցաւ, տերեւէ զատ ոչինչ գտաւ, որովհետեւ թուզի ժամանակը չէր։ Յիսուս թզենիին ըսաւ. - Այլեւս մա՛րդ քեզմէ պտուղ թող չուտէ բնաւ։ Եւ ասիկա աշակերտները լսեցին։ Երուսաղէմեկան։ Յիսուստաճար մտաւեւսկսաւ դուրս հանել անոնք որոնք տաճարին մէջ առուծախ կ՚ընէին։ Լումայափոխներուն սեղանները եւ աղաւնեվաճառներուն աթոռները շրջեց եւ թոյլ չտուաւ որ ոեւէ մէկը ոեւէ բան անցընէ տաճարին շրջափակին մէջէն։ Ապա ժողովուրդին սկսաւ ուսուցանել, ըսելով. – Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է, թէ «Իմ տունս բոլոր ժողովուրդներուն համար աղօթքի տուն պիտի կոչուի», մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք։ Աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները լսեցին ասիկա եւ սկսան միջոց մը փնտռել, թէ ի՛նչպէս սպաննեն զայն։ Անոնք Յիսուսէն կը վախնային, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդը կը հիանար անոր ուսուցումներուն վրայ։ Երբ երեկոյ եղաւ, Յիսուս եւ իր աշակերտները ձգեցին քաղաքը։ Առաւօտ կանուխ, երբնոյն ճամբայէն կ՚անցնէին, տեսան թզենին, որ արմատէն չորցած էր։ Պետրոս յիշեց պատահածը եւ ըսաւ. – Վարդապե՛տ, ահաւասիկ թզենին որ անիծեցիր՝ չորցեր է։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Աստուծոյ վրայ հաւատք ունեցէք։ Վստա՛հ եղէք, ով որ այս լերան ըսէ. «Ե՛լ եւ ծով ինկիր», եւ եթէ մտքին մէջ չտարակուսի, այլ հաւատայ թէ իր ըսածը պիտի ըլլայ, ի՛նչ որ ըսէ՝ պիտի կատարուի։ Այս պատճառով կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ի՛նչ որ աղօթքով խնդրէք, հաւատացէք որ պիտի ստանաք եւ ձեր խնդրածը պիտի տրուի ձեզի։ Եւ երբ կ՚աղօթէք, ներեցէ՛ք եթէ բան մը ունիք ուրիշին դէմ, որպէսզի ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի ներէ ձեր յանցանքները։ Որովհետեւ եթէ դուք ուրիշին չներէք, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեր յանցանքները պիտի չներէ ձեզի։ Յիսուս եւ իր աշակերտները դարձեալ Երուսաղէմ եկան։ Մինչ Յիսուս տաճարին մէջ կը պտըտէր, իրեն մօտեցան աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու երէցները եւ հարցուցին. – Ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարես այս բաները։ Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ։ Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Լա՛ւ, ձեզի պիտի ըսեմ թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ ասոնք, եթէ դուք ալ իմ հարցումիս պատասխանէք։ Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն թէ մարդոցմէ։ Պատասխանեցէ՛ք տեսնեմ։ Անոնք սկսան իրարու միջեւ խորհիլ եւ ըսել. – Եթէ ըսենք՝ «Աստուծմէ տրուած էր», մեզի պիտի ըսէ՝ թէ ինչո՛ւ չհաւատացիք իրեն. իսկ «Մարդոցմէ էր» չենք կրնար ըսել՝ ժողովուրդէն վախնալով, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ Յովհաննէս ճշմարտապէս մարգարէ է։ Ուստի պատասխանեցին Յիսուսի. – Չենք գիտեր։ Յիսուս ալ իրենց հարցումին պատասխանելով ըսաւ. – Այն ատեն՝ ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ կ՚ընեմ այս բաները։ Յիսուս սկսաւ առակներով խօսիլ ժողովուրդինեւ ըսաւ. – Մէկը այգի մը տնկեց, չորս կողմէն ցանկապատեց, հնձանի համար փոսը փորեց, աշտարակ մըն ալ շինեց եւ զայն վարձու տուաւ մշակներու, իսկ ինք ուրիշ երկիր գնաց։ Այգեկութքի ժամանակ ծառայ մը ղրկեց մշակներուն մօտ, որպէսզի այգիի բերքէն իր բաժինը առնէ մշակներէն։ Մշակները ծառան բռնեցին, ծեծեցին եւ ձեռնունայն ետ ղրկեցին։ Ապա ուրիշ ծառայ մը ղրկեց. բայց մշակները անոր գլուխը վիրաւորեցին եւ անպատուելով ետ ղրկեցին։ Ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց, եւ այս անգամ մշակները սպաննեցին զայն։ Այգիին տէրը ուրիշ ծառաներ ալ ղրկեց, սակայն մշակները անոնցմէ ոմանք ծեծեցին եւ ոմանք ալ սպաննեցին։ Այգիին տիրոջ համար միակ անձը որ կը մնար՝ իր սիրելի որդին էր։ Ամենէն վերջը զայն ղրկեց մշակներունմօտ, մտածելով. «Թերեւս իմ որդիէս պատկառին»։ Բայց մշակները երբ տեսան որդին, որ կու գայ, իրարու ըսին. «Ասիկա է ժառանգորդը, եկէք սպաննենք զայն, որպէսզի ժառանգութիւնը մեզի մնայ»։ Ապա բռնեցին զայն, սպաննեցին եւ դիակը այգիէն դուրս նետեցին։ Հիմա, այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ մշակներուն։ Անշուշտ պիտի գայ, սպաննէ մշակները եւ այգին յանձնէ ուրիշներու։ Արդարեւ, Սուրբ գիրքերուն մէջ չէ՞ք կարդացած.– «Այն քարը որ շինողները մերժեցին գործածել, յետոյ անկիւնաքար եղաւ։ Ասիկա Տէրը կատարեց, ու մեր աչքերուն սքանչելի է»։ Հրեայ ղեկավարները հասկնալով որ իրենց համար ըսաւ առակը, ուզեցին ձերբակալել Յիսուսը, բայց ժողովուրդէն վախնալով ձգեցին գացին։ Ապա անոնք Յիսուսի ղրկեցին քանի մը Փարիսեցիներ եւ Հերովդէսի կողմնակիցներ, որպէսզի իրենց հարցումներով զայն ծուղակը ձգեն։ Անոնք նենգամըտաբար հարցուցին Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, գիտենք որ ճշմարտախօս մէկն ես եւ բնաւ հոգ չես ըներ թէ ուրիշներ ի՛նչ կ՚ըսեն, որովհետեւ աչառութիւն չես ըներ, այլ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ կամքը կ՚ուսուցանես։ Արդ, ըսէ՛ մեզի, մեր Օրէնքին համաձայն պէ՞տք է կայսրին տուրք տանք, թէ ոչ։ Տա՞նք թէ չտանք։ Յիսուս հասկցաւ անոնց կեղծաւորութիւնը եւ ըսաւ. – Կեղծաւորնե՛ր, ինչո՞ւ կը փորձէք զիս։ Բերէ՛ք ինծի արծաթ դրամ մը, որ տեսնեմ։ Անոնք ալ բերին։ Ապա հարցուց. – Ասիկա որո՞ւն նկարն ու արձանագրութիւնն է։ Անոնք պատասխանեցին. – Կայսրին։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Գացէք եւ ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք։ Եւ բոլորն ալ հիացան իր վրայ։ Սադուկեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի մօտ։ Սադուկեցիները կ՚ըսեն՝ թէ մեռելներու յարութիւն չկայ։ Անոնք Յիսուսի ըսին. – Վարդապե՛տ, Մովսէս հետեւեալ օրէնքը գրեց մեզի. «Եթէ ամուսնացած մէկը մեռնի առանց զաւակ ձգելու, թող մարդուն եղբայրը ամուսնանայ այրիին հետ, որպէսզի իր եղբօրը զաւակ տայ»։ Ժամանակին մեր մօտ եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը ամուսնացաւ եւ մեռաւ առանց զաւակ ձգելու։ Երկրորդ եղբայրը ամուսնացաւ անոր կնոջ հետ եւ մեռաւ՝ առանց զաւակ ձգելու։ Երրորդն ալ, եւ մինչեւ եօթներորդ եղբայրը նոյնպէս ամուսնացան այդ կնոջ հետ եւ մեռան առանց զաւակ ձգելու։ Բոլորէն վերջ կինն ալ մեռաւ։ Արդ, մեռելներու յարութեան օրը, երբ անոնք յարութիւն առնեն, կինը անոնցմէ որո՞ւն պիտի պատկանի, քանի եօթն ալ ամուսնացան անոր հետ։ Յիսուս պատասխանեց. – Գիտէ՞ք ինչու դուք մոլորած էք։ Մոլորած էք՝ որովհետեւ չէք հասկնար ո՛չ Սուրբ գիրքերը եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը։ Երբ մեռելները յարութիւն առնեն, մարդիկ եւ կիներ պիտի չամուսնանա՛ն, այլ երկինքի հրեշտակներուն նման պիտի ըլլան։ Իսկ մեռելներու յարութիւն առնելուն մասին Մովսէսի գիրքին մէջ չէ՞ք կարդացած այրող մորենիին դրուագը։ Հոն Աստուած Մովսէսի ըսաւ. «Ե՛ս եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը»։ Կը նշանակէ թէ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ՛, այլ ողջերուն։ Ուստի, դուք չափազանց մոլորած էք։ Օրէնքի ուսուցիչ մը լսելով անոնց վիճաբանութիւնը, մօտեցաւ եւ տեսնելով թէ ի՛նչպէս Յիսուս լաւ պատասխանեց անոնց, հարցուց Յիսուսի. – Ո՞րն է կարեւորագոյն պատուիրանը։ Յիսուս պատասխանեց. – Կարեւորագոյն պատուիրանը հետեւեալն է. «Լսէ՛, Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը միակ Տէրն է»։ Եւ «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ մտքովդ եւ ամբողջ զօրութեամբդ»։ Երկրորդը, որ ասոր նման է, ասիկա է. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Այս երկուքէն աւելի մեծ պատուիրան չկայ։ Օրէնքի ուսուցիչը ըսաւ. – Ճի՛շդ է, Վարդապե՛տ, ուղիղ ըսիր՝ թէ Աստուած միակ Տէրն է եւ անկէ զատ ուրիշ Աստուած չկայ, եւ պէտք է սիրել զայն ամբողջ սրտով, ամբողջ զօրութեամբ եւ ամբողջ մտքով, ինչպէս նաեւ սիրել ընկերը՝ անձին պէս, որովհետեւ ասիկա շատ աւելի կ՚արժէ քան բոլոր ողջակէզներն ու զոհերը ։ Յիսուս տեսնելով անոր տուած խելացի պատասխանը, ըսաւ. – Աստուծոյ արքայութենէն հեռու չե՛ս։ Եւ այլեւս ոչ ոք կը համարձակէր հարցում ընել Յիսուսի։ Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցանելու ընթացքին հարցուց ժողովուրդին. – Օրէնքի ուսուցիչները ի՞նչպէս կ՚ըսեն՝ թէ Քրիստոս Դաւիթի Որդին է, երբ Դաւիթ ինք Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ կ՚ըսէ.– « Տէրը ըսաւ իմ Տիրոջս.– Աջ կողմս նստէ, մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»։ Եթէ Դաւիթ զայն տէր կը կոչէ, ինչպէ՞ս ուրեմն Քրիստոսը անոր որդին է։ Ժողովուրդը հաճոյքով մտիկ կ՚ընէր Յիսուսի, որ իր ուսուցումները շարունակելով՝ կ՚ըսէր. - Զգո՛յշ եղէք Օրէնքի ուսուցիչներէն, որոնք կը սիրեն փառաւոր զգեստներով շրջիլ, հրապարակներու վրայ մարդոցմէ յարգալիր բարեւներ ընդունիլ, ժողովարաններու մէջ առաջին աթոռները գրաւել եւ ընթրիքներու ընթացքին՝ պատուոյ տեղերը։ Մէկ կողմէ այրիներուն տուները անոնց ձեռքէն կը յափշտակեն, իսկ միւս կողմէ կեղծաւորութեամբ իրենց աղօթքը կ՚երկարեն։ Ասոր համար աւելի՛ խիստ դատապարտութիւն պիտի ընդունին։ Յիսուս կեցած էր տաճարի գանձանակին մօտ եւ կը դիտէր ժողովուրդը, որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ։ Շատ մը հարուստներ մեծ գումարներ նետեցին։ Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ եւ նետեց երկու լումայ, որ քանի մը դահեկան կ՚ընէ։ Յիսուս մօտը կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց. - Վստա՛հ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա, հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբո՛ղջ ապրուստը։ Մինչ Յիսուս տաճարէն դուրս կ՚ելլէր, աշակերտներէն մէկը ըսաւ. – Վարդապե՛տ, տե՛ս, ի՜նչ գեղեցիկ քարեր են եւ ի՜նչ հոյակապ շինութիւն։ Յիսուս պատասխանեց. – Կը տեսնե՞ս այս բոլոր շինութիւնները, կ՚ըսեմ ձեզի, որ ամէնքն ալ պիտի քանդուին, քար քարի վրայ պիտի չմնայ։ Եւ մինչ Յիսուս նստած էր Ձիթենեաց լերան վրայ, տաճարին դիմաց, Պետրոս, Յակոբոս, Յովհաննէս եւ Անդրէաս առանձինն հարցուցին Յիսուսի. – Ըսէ՛ մեզի, ե՞րբ պիտի պատահի ատիկա. ի՞նչ նշանով պիտի գիտնանք թէ ե՛րբ այդ բոլորը պիտի պատահին։ Յիսուս պատասխանեց. – Զգո՛յշ եղէք, չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը ձեզ խաբէ, որովհետեւ շատեր պիտի գան իմ անունովս եւ ըսեն՝ «Ես եմ Քրիստոսը » եւ պիտի մոլորեցնեն շատերը։ Մի՛ խռովիք, երբ լսէք պատերազմներու ձայները կամ պատերազմներու լուրերը, որովհետեւ պէտք է որ ատոնք պատահին։ Բայց ատիկա չի՛ նշանակեր թէ աշխարհի վախճանն է։ Ազգեր իրարու դէմ պիտի կռուին եւ թագաւորութիւններ՝ թագաւորութիւններու դէմ։ Զանազան տեղեր երկրաշարժներ տեղի պիտի ունենան, սով, համաճարակ եւ խռովութիւններ։ Բայց այս բոլորը դեռ երկունքին սկիզբն են։ Պատրա՛ստ եղէք դուք, որովհետեւ ձեզ իսկ դատարան պիտի տանին եւ ժողովարաններու մէջ ծեծեն ձեզ։ Իմ պատճառովս՝ կառավարիչներու եւ թագաւորներու դիմաց պիտի կանգնիք, իմ մասիս վկայութիւն տալու համար անոնց։ Բայց նախ պէտք է որ Աւետարանը բոլոր ազգերուն քարոզուի։ Բայց երբ ձերբակալեն ձեզ եւ դատարան յանձնեն, սկիզբէն մի՛ մտահոգուիք եւ մի՛ մտածէք թէ ի՛նչ պիտի ըսէք, այլ ինչ որ այդ ժամուն ձեզի տրուի՝ ատիկա՛ ըսէք, որովհետեւ խօսողը դուք պիտի չըլլաք, այլ՝ Սուրբ Հոգին։ Եղբայրը իր եղբայրը պիտի սպաննէ, հայրը՝ իր զաւակը։ Զաւակներ իրենց ծնողներուն դէմ պիտի ելլեն եւ սպաննեն զանոնք։ Ամէն մարդ ձեզ պիտի ատէ իմ պատճառովս։ Բայց ով որ մինչեւ վերջը դիմանայ՝ անիկա պիտի փրկուի։ – Երբ տեսնէք «Աւերուածին սրբապղծութիւնը», կանգնած հոն՝ ուր պէտք չէր կանգնէր (կարդացողը թող հասկնա՛յ), այն ատեն անոնք որոնք Հրէաստանի մէջ են՝ թող լեռները փախչին, ան որ տանիքն է՝ վար իջնելէ ետք թող տուն չմտնէ բան մը առնելու համար, ան որ արտն է՝ թող ետ չդառնայ իր վերարկուն առնելու համար։ Այդ օրերուն՝ վա՛յ է եկեր յղիներուն եւ ստնտու կիներուն։ Աղօթեցէք որ ձեր փախուստը ձմեռ օրով չպատահի։ Այն օրերը այնպիսի՛ նեղութեան օրեր պիտի ըլլան, որոնց նմանը աշխարհի ստեղծագործութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր չէ պատահած եւ ոչ ալ պիտի պատահի։ Եւ եթէ Աստուած իր ընտրեալներուն համար այդ օրերուն թիւը նուազեցուցած չըլլար՝ ո՛չ մէկը պիտի փրկուէր։ Բայց իր ընտրեալներուն համար Աստուած այդ օրերը նուազեցուց։ Այն ատեն, երբ մէկը ձեզի ըսէ՝ «Ահաւասիկ հոս է Քրիստոսը », կամ ըսէ՝ «Ահա հոն է», մի՛ հաւատաք, որովհետեւ սուտ քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի յայտնուին եւ նշաններ ու հրաշքներ կատարելով՝ պիտի մոլորեցնեն, եթէ կարենան, նոյնիսկ Աստուծոյ ընտրեալները։ Բայց դուք զգո՛յշ եղէք։ Ահաւասիկ ամէն ինչ սկիզբէն ըսի ձեզի։ – Այդ օրերուն, այդ նեղութենէն ետք՝ արեւը պիտի խաւարի եւ լուսինը այլեւս պիտի չփայլի. երկինքէն աստղերը պիտի իյնան եւ երկնայինմարմինները պիտի սասանին։ Այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերու վրայ՝ մեծ զօրութեամբ եւ փառքով։ Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի աշխարհի չորս կողմերէն իր ընտրեալները հաւաքեն, աշխարհի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը։ Թող թզենին ձեզի օրինակ ըլլայ։ Երբ անոր ճիւղերը հետզհետէ կը կակուղնան եւ տերեւ կ՚արձակեն, գիտէք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս ալ, երբ տեսնէք որ ըսածներս կը կատարուին, գիտցէք թէ Մարդու Որդիին գալուստը մօտ է եւ արդէն հասնելու վրայ։ Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին։ Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան։ – Սակայն ո՛չ ոք գիտէ թէ ե՛րբ պիտի գայ այդ օրը կամ ժամը. ո՛չ երկինքի հրեշտակները, ո՛չ իսկ Որդին, բայց՝ միայն Հայրը։ Զգո՛յշ եղէք, արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ ժամանակը ե՛րբ է։ Անիկա կը նմանի այն մարդուն, որ իր տունը կը ձգէ եւ ուրիշ երկիր կ՚երթայ։ Չգացած՝ իր ծառաներէն իւրաքանչիւրին պարտականութիւն կու տայ եւ դռնապանին ալ կը պատուիրէ որ արթուն մնայ։ Ուրեմն, դուք ալ արթուն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ տանտէրը գիշերուան ո՛ր պահուն կու գայ, երեկոյեա՞ն, կէս–գիշերի՞ն, հաւախօսի՞ն թէ առաւօտուն։ Որպէսզի չըլլա՛յ որ յանկարծ գայ եւ ձեզ քնացած գտնէ։ Արդ, ինչ որ ձեզի կ՚ըսեմ, բոլորին կ՚ըսեմ.– Արթո՛ւն կեցէք։ Երկու օրէն Զատիկն էր եւ Բաղարջակերաց տօնը պիտի սկսէր։ Աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները միջոց մը կը փնտռէին, թէ ի՛նչպէս կրնան Յիսուսը նենգութեամբ ձերբակալել եւ սպաննել։ Բայց կ՚ըսէին. – Այս տօնին ժամանակ թող չըլլայ, որպէսզի ժողովուրդին մէջ խռովութիւն չծագի։ Մինչ Յիսուս Բեթանիայի մէջ բորոտ Սիմոնին տան մէջ սեղան բազմած էր, կին մը եկաւ, որ ազնիւ եւ սուղ նարդոս իւղի շիշ մը ունէր, եւ շիշը կոտրելով՝ իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն։ Աշակերտներէն ոմանք ընդվզեցան եւ ըսին. – Ինչո՞ւ այդպէս վատնել անուշահոտը. կարելի էր զայն աւելի քան երեք հարիւր արծաթ դահեկանի ծախել եւ աղքատներուն տալ։ Եւ կը յանդիմանէին կինը։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ձգեցէ՛ք, ինչո՞ւ կ՚անհանգստացնէք զինք, քանի լաւ բան մը ըրաւ ինծի։ Աղքատները միշտ ձեզի հետ ունիք եւ երբ որ ուզէք՝ կրնաք անոնց բարիք գործել, բայց զիս միշտ չունիք ձեզի հետ։ Այս կինը ի՛նչ որ կրնար՝ ըրաւ. իմ մարմինս սկիզբէն օծեց թաղումիս որպէս նշան։ Լա՛ւ գիտցէք, թէ աշխարհի վրայ ու՛ր որ ալ Աւետարանը քարոզուի, մարդիկ իր ըրածին մասին պիտի խօսին եւ յիշեն զինք։ Ապա տասներկու աշակերտներէն Յուդա Իսկարիոտացին գնաց աւագ քահանաներուն մօտ, որպէսզի Յիսուսը անոնց մատնէ։ Անոնք ասիկա լսելով՝ շատ ուրախացան եւ խոստացան դրամ տալ իրեն։ Եւ Յուդա յարմար առիթի մը կը սպասէր՝ Յիսուսը մատնելու համար։ Բաղարջակերաց տօնին առաջին օրը, երբ Զատիկին համար գառնուկը կը մորթէին, աշակերտները հարցուցին Յիսուսի. – Ո՞ւր կ՚ուզես որ երթանք եւ զատկական ընթրիքը պատրաստենք։ Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց, անոնց պատուիրելով. – Քաղաք կ՚երթաք եւ հազիւ մտած՝ մարդու մը պիտի հանդիպիք, որ ուսին ջուրի սափոր մը ունի։ Անո՛ր հետեւեցէք եւ մտէք անոր գացած տունը եւ տանտիրոջ ըսէք. «Վարդապետը կը հարցնէ՝ թէ ո՛ւր է սենեակը, ուր աշակերտներուս հետ զատկական ընթրիքը պիտի ուտեմ»։ Անիկա վերնայարկը մեծ եւ կահաւորուած սենեակ մը ցոյց պիտի տայ ձեզի։ Հո՛ն պատրաստեցէք ընթրիքը մեզի համար։ Աշակերտները գացին, մտան քաղաք եւ ամէն ինչ գտան Յիսուսի ըսածին պէս եւ պատրաստեցին զատկական ընթրիքը։ Երեկոյեան, Յիսուս տասներկու աշակերտներուն հետ եկաւ։ Մինչ սեղան բազմած էին եւ տակաւին կ՚ընթրէին, Յիսուս ըսաւ. – Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ձեզմէ մէկը, որ հիմա ինծի հետ կ՚ուտէ, պիտի մատնէ զիս։ Անոնք տրտմեցան եւ մէկ առ մէկ կը հարցնէին անոր. – Միթէ ե՞ս եմ, միթէ ե՞ս եմ։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Տասներկուքէդ մէկն է, ան՝ որ պատառը ինծի հետ պնակին երկարեց։ Մարդու Որդին պիտի մեռնի՝ ինչպէս որ այդ մասին գրուած է մարգարէական գիրքերուն մէջ. բայց վա՜յ այն մարդուն, որ զայն կը մատնէ։ Երանի՜ այդ մարդը ծնած իսկ չըլլար։ Մինչ կ՚ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ, ըսելով. – Առէ՛ք, ասիկա մարմինս է։ Ապա գինիի բաժակը առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ աշակերտներուն տուաւ, եւ բոլորն ալ խմեցին բաժակէն։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ասիկա նոր ուխտի արիւնս է, որ շատերուն համար կը հոսի։ Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ասկէ ետք գինի պիտի չխմեմ՝ մինչեւ այն օրը, երբ նոր գինին խմեմ Աստուծոյ արքայութեան մէջ։ Ապա գոհաբանական սաղմոսներ երգելէ ետք՝ ելան Ձիթենեաց Լեռ։ Հոն Յիսուս ըսաւ անոնց. – Այս գիշեր բոլորդ ալ պիտի լքէք զիս, որովհետեւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Պիտի սպաննեմ հովիւը, եւ ոչխարները պիտի ցրուին»։ Բայց յարութիւն առնելէս ետք ձեզմէ առաջ Գալիլեա պիտի երթամ։ Պետրոս պատասխանեց. – Նոյնիսկ եթէ բոլորը լքեն քեզ, ես պիտի չլքե՛մ։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Կ՚ըսեմ քեզի, որ այս գիշեր աքաղաղը երկու անգամ չկանչած՝ դուն երեք անգամպիտի ուրանաս զիս։ Բայց Պետրոս աւելի կը պնդէր ու կ՚ըսէր. – Նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք ըլլայ քեզի հետ, պիտի քեզ չուրանամ։ Նոյնը կ՚ըսէին բոլորն ալ։ Եկան տեղ մը, որ կը կոչուէր Գեթսեմանի։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Հո՛ս նստեցէք, մինչեւ որ ես աղօթեմ։ Եւ իր հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսն ու Յովհաննէսը։ Խռոված էր ու կը տագնապէր։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. – Հոգիս մեռնելու աստիճան տրտմած է. հո՛ս կեցէք եւ արթո՛ւն մնացէք։ Ապա քիչ մը առաջ գնաց եւ երեսին վրայ գետին փռուելով կ՚աղօթէր, որ եթէ կարելի է՝ հեռանայ իրմէ տառապանքի այս ժամը։ Եւ ըսաւ. – Հա՜յր, հա՜յր, քեզի համար ամէն ինչ կարելի է։ Այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ, բայց ո՛չ թէ ինչպէս որ ես կ՚ուզեմ, այլ ինչպէս որ դո՛ւն կ՚ուզես։ Յետոյ եկաւ եւ տեսաւ որ երեք աշակերտները կը քնանային։ Պետրոսի ըսաւ. – Սիմո՛ն, կը քնանա՞ս, չկրցա՞ր ժամ մը արթուն մնալ։ Արթուն մնացէք եւ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնաք։ Հոգին յօժար կրնայ ըլլալ, բայց մարմինը տկար է։ Կրկին գնաց աղօթելու եւ նոյն խօսքերը ըսաւ։ Եւ երբ վերադարձաւ՝ զանոնք քնացած գտաւ։ Անոնց աչքերը չէին բացուեր եւ չէին գիտեր թէ ի՛նչ պատասխան տային անոր։ Երրորդ անգամ երբ Յիսուս դարձաւ, ըսաւ անոնց. – Ասկէ ետք քնացէք եւ հանգստացէք։ Բայց բաւակա՛ն է, ժամը հասաւ եւ ահա Մարդու Որդին մեղաւոր մարդոց ձեռքը պիտի յանձնուի։ Օ՛ն, ելէք երթա՛նք, որովհետեւ զիս մատնողը ահա մօտեցաւ։ Տակաւին կը խօսէր, երբ տասներկու աշակերտներէն Յուդա Իսկարիոտացին եկաւ։ Իրեն հետ էր սուրերով եւ բիրերով զինուած ամբոխ մը, որ ղրկուած էր աւագ քահանաներուն, Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ երէցներուն կողմէ։ Մատնիչը անոնց նշան տուած էր՝ ըսելով. – Ով որ համբուրեմ՝ անիկա՛ է Յիսուսը, ձերբակալեցէք զայն եւ զգուշութեամբ տարէք։ Յուդա անմիջապէս մօտեցաւ Յիսուսի եւ ըսաւ. – Վարդապե՛տ, Վարդապե՛տ։ Եւ համբուրեց զայն։ Ապա բռնեցին Յիսուսը եւ ձերբակալեցին։ Իր շուրջը գտնուողներէն մէկը սուրը քաշեց եւ քահանայապետին ծառային զարկաւ, անոր ականջը կտրելով։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Աւազա՞կ եմ որ այդպէս սուրերով ու բիրերով եկեր էք ձերբակալելու զիս։ Ամէն օր ձեզի հետ էի եւ կ՚ուսուցանէի տաճարին մէջ ու չձերբակալեցիք զիս։ Բայց այս բոլորը կը պատահին, որպէսզի Սուրբ գիրքերուն մէջ ըսուածները իրականանան։ Այն ատեն աշակերտները բոլորն ալ ձգեցին զինք ու փախան։ Սակայն երիտասարդ մը, որ միայն կտաւով մը իր մերկութիւնը ծածկած էր, կը հետեւէր իրեն։ Երիտասարդները զայն ալ բռնեցին, բայց անիկա կտաւը ձգեց եւ մերկ փախաւ անոնցմէ։ Յետոյ Յիսուսը տարին Կայիափա Քահանայապետին տունը, ուր բոլոր աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու երէցները սկսած էին հաւաքուիլ։ Պետրոս հեռուէն կը հետեւէր Յիսուսի, մինչեւ Քահանայապետին տան գաւիթը, ուր սպասաւորներուն հետ նստաւ կրակին մօտ՝ տաքնալու համար։ Աւագ քահանաները եւ ամբողջ Ատեանը կը ջանային Յիսուսի դէմ վկայութիւն գտնել, որպէսզի զայն սպաննեն, բայց չէին գտներ։ Շատ մը վկաներ սուտ վկայութիւն կու տային, սակայն վկայութիւնները իրարու համաձայն չէին։ Ուրիշներ ելան եւ սուտ վկայութիւն տալով՝ ըսին. – Մենք իր բերնէն լսեցինք որ կ՚ըսէր. «Ես մարդոց կողմէ ձեռքով կառուցուած այս տաճարը պիտի քանդեմ եւ երեք օրէն պիտի շինեմ ուրիշ մը, որ մարդոց կողմէ շինուած չէ»։ Սակայն ասոնց վկայութիւններն ալ իրարու չէին համապատասխաներ։ Յետոյ Քահանայապետը ելաւ եւ մէջտեղ գալով հարցուց Յիսուսի. – Քեզի դէմ եղած այս ամբաստանութիւններուն պատասխան մը պիտի չտա՞ս։ Բայց Յիսուս լուռ կը մնար եւ պատասխան չէր տար։ Քահանայապետը դարձեալ հարցուց Յիսուսի. – Դո՞ւն ես Քրիստոսը, օրհնեալ Աստուծոյ Որդին։ Յիսուս պատասխանեց անոր. – Ես եմ։ Եւ դուք պիտի տեսնէք Մարդու Որդին, ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած, եւ պիտի տեսնէք՝ որ կու գայ երկինքի ամպերուն մէջէն։ Քահանայապետը անմիջապէս իր վերարկուն պատռեց եւ ըսաւ. – Ալ ի՞նչ պէտք ունինք վկաներու, բոլորդ ալ իր իսկ բերնէն լսեցիք ըրած հայհոյութիւնը։ Ի՞նչ կը մտածէք։ Բոլորը Յիսուսը դատապարտելով վճռեցին եւ ըսին. – Մահապարտ է։ Ոմանք սկսան թքնել Յիսուսի երեսին. դէմքը կը ծածկէին, կը զարնէին ու կը հարցնէին. – Քրիստո՛ս, գիտցի՛ր, ո՞վ է քեզի զարնողը։ Եւ սպասաւորները կ՚ապտակէին զինք։ Մինչ Պետրոս վարը՝ գաւիթին մէջ էր, Քահանայապետին աղախիններէն մէկը գալով՝ տեսաւ որ կը տաքնար, նայեցաւ անոր եւ ըսաւ. – Դո՛ւն ալ Նազովրեցի Յիսուսի հետ էիր։ Պետրոս ուրացաւ, ըսելով. – Չե՛մ ճանչնար զինք եւ չեմ գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ըսես։ Պետրոս հազիւ գաւիթէն դուրս՝ նախագաւիթ ելած էր, երբ աքաղաղը կանչեց։ Աղախինը զինք կրկին տեսաւ եւ սկսաւ իր շուրջիններուն ըսել. – Ասիկա ալ անոնցմէ է։ Բայց Պետրոս դարձեալ ուրացաւ։ Քիչ ետք շուրջինները կրկին ըսին Պետրոսի. – Իրապէս որ դուն անոնցմէ ես, քանի Գալիլեացի ես եւ անոնց նման ալ կը խօսիս։ Պետրոս ինքզինք անիծելով սկսաւ երդում ընել եւ ըսել. – Ձեր ըսած մարդը չե՛մ ճանչնար։ Նոյն պահուն աքաղաղը երկրորդ անգամ կանչեց։ Պետրոս յիշեց Յիսուսի խօսքը որ իրեն ըսած էր, թէ «Աքաղաղը երկու անգամ չկանչած՝ երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս»։ Եւ սկսաւ լալ։ Առաւօտ կանուխ, աւագ քահանաները երէցներուն, Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Ատեանի բոլոր անդամներուն հետ խորհրդակցեցան եւ Յիսուսը շղթայակապ տարին յանձնեցին Պիղատոսի: Պիղատոս հարցուց Յիսուսի. – Դո՞ւն ես Հրեաներու թագաւորը։ Յիսուս պատասխանեց. – Ահա դո՛ւն կ՚ըսես։ Աւագ քահանաները բազմաթիւ ամբաստանութիւններ կ՚ընէին, բայց Յիսուս պատասխան չէր տար։ Պիղատոս կրկին անգամ հարցուց Յիսուսի. – Պատասխան չե՞ս տար, տե՛ս, որքա՛ն ամբաստանութիւններ կ՚ընեն քեզի դէմ։ Յիսուս դարձեալ պատասխան չտուաւ, այնքան՝ որ Պիղատոս շատ զարմացաւ։ Պիղատոս ամէն Զատիկի տօնինազատկ՚արձակէր բանտարկեալ մը, նայած թէ ժողովուրդը ո՛վ կ՚ուզէր։ Բանտին մէջ կար Բարաբբա անունով մէկը, որ բանտարկուած էր խռովարարներու հետ, որոնք խռովութեան ժամանակ մէկը սպաննած էին։ Ամբոխը սկսաւ աղաղակել եւ խնդրել որ Պիղատոս իր սովորութեան համաձայն մէկը ազատ արձակէ։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. – Կ՚ուզէ՞ք որ Հրեաներու թագաւորը ազատ արձակեմ։ Որովհետեւ գիտէր թէ նախանձի պատճառով է որ աւագ քահանաները իրեն յանձնած էին Յիսուսը։ Սակայն աւագ քահանաները ժողովուրդը գրգռեցին, որպէսզի Պիղատոսէն պահանջեն որ Բարաբբան ազատ արձակէ։ Պիղատոս դարձեալ հարցուց անոնց. – Հապա ի՞նչ կ՚ուզէք որ ընեմ անոր՝ որ Հրեաներու թագաւոր կը կոչէք։ Անոնք աւագ քահանաներէն դրդուելով՝ կրկին աղաղակեցին. – Խա՛չը հանէ զայն։ Պիղատոս հարցուց. – Բայց ի՞նչ չարիք գործած է։ Սակայն անոնք աւելի բարձր աղաղակներով կ՚ըսէին. – Խա՛չը հանէ զայն։ Պիղատոս ամբոխը գոհացնել ուզելով՝ ազատ արձակեց Բարաբբան, իսկ Յիսուսը մտրակով ծեծել տալէ ետք զինուորներուն յանձնեց, որպէսզի խաչեն։ Զինուորները Յիսուսը տարին ներս, կառավարիչի պալատին բակը եւ կանչեցին գունդին մնացեալ զինուորները։ Յիսուսի ծիրանի հագցուցին եւ գլխուն դրին փուշէ պսակ մը։ Յետոյ սկսան բարեւել եւ ըսել. – Ողջո՛յն քեզի, Հրեաներո՛ւ թագաւոր։ Եղէգով գլխուն կը զարնէին, երեսին կը թքնէին եւ ծունկիգալովկ՚երկրպագէինանոր։ Այսպէս ծաղրելէ ետք, Յիսուսի վրայէն հանեցին ծիրանի հագուստը, իր հագուստները հագցուցին եւ դուրս հանեցին՝ որպէսզի խաչեն զայն։ Սիմոն անունով Կիւրենացի մը, Աղեքսանդրի եւ Ռուֆոսի հայրը, արտէն վերադարձին այդտեղէն կ՚անցնէր։ Զինուորները զայն կեցուցին եւ ստիպեցին որ խաչափայտը շալկէ։ Եւ Յիսուսը տարին Գողգոթա, որ կը նշանակէ գանկի վայր։ Հոն զմուռսով խառնուած գինի տուին իրեն, բայց ինք չխմեց։ Ապա խաչը հանեցին զայն եւ հագուստները բաժնելու համար վիճակ ձգեցին, տեսնելու համար թէ ո՞վ ի՛նչ բաժին պիտի առնէ։ Առաւօտեան ժամը ինն էր, երբ զինք խաչեցին։ Իր դատապարտութեան արձանագրութիւնը կ՚ըսէր. « Հրեաներու թագաւորն է»։ Իրեն հետ խաչ հանեցին երկու աւազակներ ալ, մէկը իր աջ կողմը, իսկ միւսը՝ ձախ կողմը։ Այս ձեւով իրականացաւ Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուածը, որ կ՚ըսէ. «Չարագործներու կարգին դասուեցաւ»։ Անոնք որոնք կ՚անցնէին խաչին առջեւէն, կը նախատէին զինք եւ իրենց գլուխը շարժելով կ՚ըսէին. – Դուն տաճարը պիտի քանդէիր եւ երեք օրէն շինէիր, հա՞. դուն քեզ ազատէ եւ վա՛ր իջիր խաչէն։ Նոյնպէս աւագ քահանաները Օրէնքի ուսուցիչներուն հետ կը հեգնէին զինք ու կ՚ըսէին. – Ուրիշները ազատեց, բայցինքզինք չի կրնարազատել։ Այդ Քրիստոսը, Իսրայէլի թագաւորը, թող հիմա խաչէն վար իջնէ, որպէսզի տեսնենք եւ հաւատանք իրեն։ Իր հետ խաչուած երկու աւազակներն ալ կը նախատէին զինք։ Գրեթէ կէսօր էր, երբ խաւարը պատեց ամբողջ երկիրը մինչեւ ժամը երեք։ Ժամը երեքին Յիսուս բարձրաձայն աղաղակեց, ըսելով. – «Էլի՛, էլի՛, լա՞մա սաբաքթանի», որ կը նշանակէ. «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ լքեցիր զիս»։ Իր շուրջը գտնուողներէն ոմանք, որոնք լսեցին, ըսին. – Եղիան կը կանչէ։ Անոնցմէ մէկը վազեց եւ սպունգը քացախին մէջ թաթխելով՝ եղէգին ծայրը անցուց եւ տուաւ Յիսուսի, որ խմէ, ու կ՚ըսէր. – Ձգեցէք տեսնենք, Եղիան պիտի գա՞յ զինք խաչէն վար իջեցնելու։ Յիսուս բարձր աղաղակ մը արձակեց եւ հոգին աւանդեց։ Տաճարին վարագոյրը վերէն վար պատռուեցաւ եւ երկու մասի բաժնուեցաւ։ Հարիւրապետը որ հոն՝ անոր դիմաց կանգնած էր, երբ տեսաւ թէ ի՛նչպէս Յիսուս աղաղակեց եւ հոգին աւանդեց, ըսաւ. – Իրապէս որ այս մարդը Աստուծոյ Որդին էր։ Հոն կիներ ալ կային, որոնք հեռուէն կը դիտէին։ Անոնց մէջ էին Մարիամ Մագդաղենացին, կրտսեր Յակոբոսի եւ Յովսէսի մայրը՝ Մարիամը, եւ Սողոմէն, որոնք Յիսուսի Գալիլեա գտնուած միջոցին՝ անոր կը հետեւէին եւ կը սպասարկէին անոր։ Ուրիշ շատ կիներ ալ կային, որոնք իրենց հետ Երուսաղէմէն եկած էին։ Պիղատոս զարմացաւ որ Յիսուս այդքան շուտ մեռաւ։ Իր մօտ կանչեց հարիւրապետը եւ հարցուց. – Իրապէ՞ս այդքան շուտ մեռաւ։ Եւ հարիւրապետէն ստուգելէ ետք՝ արտօնեց որ Յովսէփ Յիսուսի մարմինը առնէ։ Յովսէփ պատանքի կտաւ գնեց, խաչէն իջեցուց Յիսուսը եւ մարմինը փաթթելով դրաւ ժայռափոր գերեզմանի մը մէջ։ Ապա քար մը գլորեց, գերեզմանի մուտքին։ Մարիամ Մագդաղենացին եւ Յակոբոսի ու Յովսէսի մայրը՝ Մարիամ, հոն էին եւ տեսան գերեզմանը, ուր մարմինը դրուեցաւ։ Շաբաթ օրը երբ անցաւ, Մարիամ Մագդաղենացին, Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, եւ Սողոմէն գացին խունկեր գնեցին եւ պատրաստեցին, որպէսզի երթան եւ օծեն Յիսուսի մարմինը։ Կիրակի առաւօտ կանուխ, արեւածագին, գերեզման եկան։ – Ո՞վ պիտի գլորէ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը,– կը հարցնէին իրարու, որովհետեւ քարը շատ մեծ էր։ Սակայն երբ նայեցան, տեսան որ քարը արդէն իսկ գլորուածէր։ Գերեզմանէն ներս մտան եւ ճերմակ զգեստ հագած երիտասարդ մը տեսան, որ աջ կողմը նստած էր, եւ սարսափեցան։ Երիտասարդը ըսաւ անոնց. – Մի՛ վախնաք, գիտեմ որ խաչուած Նազովրեցի Յիսուսը կը փնտռէք, բայց հոս չէ՛, յարութիւն առաւ։ Տեսէ՛ք, զինք հոս դրած էին։ Այժմ գացէք, ըսէք իր աշակերտներուն եւ Պետրոսի, որ ահա ինք ձեզմէ առաջ կ՚երթայ Գալիլեա. հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսած էր ձեզի։ Երբ ասիկա լսեցին, դուրս փախան գերեզմանէն, զարհուրած ու ապշահար, եւ ոչ մէկուն բան մը ըսին, որովհետեւ կը վախնային։ Յիսուս յարութիւն առնելէ ետք, Կիրակի առաւօտ կանուխ, նախ երեւցաւ Մարիամ Մագդաղենացիին, որմէ եօթը չար ոգիներ դուրս հանած էր։ Մարիամ գնաց իր ընկերակիցներուն պատմեց ասիկա, մինչ անոնք կը սգային ու կու լային։ Սակայն անոնք չհաւատացին, երբ լսեցին թէ ողջ է եւ Մարիամ տեսեր է զայն։ Յետոյ Յիսուս ուրիշ կերպարանքով երեւցաւ անոնցմէ երկուքին, երբ անոնք գիւղ կ՚երթային։ Ասոնք եւս վերադարձան եւ միւսներուն պատմեցին, բայց ասոնց ալ չհաւատացին։ Վերջը Յիսուս երեւցաւ տասնըմէկ աշակերտներուն, երբ անոնք սեղան բազմած էին։ Յանդիմանեց զիրենք իրենց անհաւատութեան եւ յամառութեան համար, քանի չէին հաւատացած անոնց՝ որոնց ինք երեւցած էր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետք։ Եւ ըսաւ անոնց. – Գացէք ամբողջ աշխարհը եւ բոլոր մարդոց քարոզեցէք Աւետարանը ։ Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի, իսկ ով որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի։ Անոնք որոնք կը հաւատան՝ հետեւեալ նշաններով յայտնի պիտի ըլլան.– Իմ անունովս չար ոգիներ պիտի հանեն, նոր լեզուներ պիտի խօսին, ձեռքով օձ պիտի բռնեն առանց խայթուելու եւ եթէ մահացու ոեւէ թոյն խմեն՝ պիտի չվնասուին, հիւանդներու վրայ ձեռք պիտի դնեն եւ զանոնք բժշկեն։ Տէր Յիսուս աշակերտներուն հետ խօսելէ ետք երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ։ Իսկ անոնք աշխարհի բոլոր կողմերը երթալով՝ Տիրոջ գործակցութեամբ Աւետարանը կը քարոզէին, եւ իրենց քարոզութիւնը կը հաստատուէր իրենց տրուած բոլոր նշաններով։ Ո՜վ պատուական Թէոփիլոս, Շատեր ձեռնարկեցին պատմելու եւ դասաւորելու այն բոլոր դէպքերը, որոնք մեր մէջ տեղի ունեցան եւ որ մեզի աւանդեցին անոնք՝ որոնք սկիզբէն իսկ անոնց ականատես եւ Աստուծոյ խօսքին քարոզիչ եղան։ Նոյնպէս ալ ես, սկիզբէն բծախնդրութեամբ հետազօտած ըլլալով այս դէպքերը՝ քեզի կը գրեմ դասաւորելով զանոնք, որպէսզի գիտնաս թէ ճշմարիտ է ինչ որ սորվեցար։ Հրէաստանի Հերովդէս թագաւորի օրերուն Զաքարիա անունով քահանայ մը կար, որ Աբիայի քահանայական ընտանիքին կը պատկանէր, իսկ անոր կինը՝ Եղիսաբէթ, Ահարոնի սերունդէն էր։ Անոնք երկուքն ալ Աստուծոյ աչքին արդար էին եւ իրենց ամբասիր կեանքով կը հնազանդէին Տիրոջ պատուիրաններուն եւ օրէնքներուն։ Անոնք զաւակ չունէին, որովհետեւ Եղիսաբէթ ամուլ էր եւ արդէն երկուքն ալ ծերացած էին։ Օր մը, երբ Զաքարիայի քահանայական դասակարգին հերթը եկած ըլլալով՝ իր պաշտօնը կը կատարէր Աստուծոյ առջեւ, քահանայական սովորութեան համաձայն՝ վիճակով իրեն ինկաւ Տիրոջ սրբարանը մտնել՝ խնկարկելու համար։ Խուռն բազմութիւն մը դուրսը կեցած կ՚աղօթէր խնկարկութեան ժամանակ։ Եւ ահա Զաքարիայի երեւցաւ Տիրոջ հրեշտակը, որ խունկի սեղանին աջ կողմը կեցած էր։ Երբ Զաքարիա հրեշտակը տեսաւ, շփոթեցաւ եւ սարսափի մատնուեցաւ։ Տիրոջ հրեշտակը ըսաւ. – Զաքարիա՛, մի՛ վախնար, Աստուած լսեց աղօթքդ։ Կինդ՝ Եղիսաբէթը մանչ զաւակ մը պիտի ծնի եւ զայն Յովհաննէս պիտի կոչես։ Անիկա քեզի ուրախութեան եւ ցնծութեան պատճառ պիտի ըլլայ եւ շատեր անոր ծնունդով պիտի ուրախանան։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ Տիրոջ աչքին։ Գինի եւ օղի պիտի չխմէ։ Անիկա տակաւին չծնած՝ Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի եւ Իսրայէլի ժողովուրդէն շատեր իրենց Տէր Աստուծոյն պիտի դարձնէ։ Անիկա Տիրոջ առջեւէն պիտի քալէ՝ Եղիայի հոգիով եւ զօրութեամբ լեցուած, որպէսզի հայրերը իրենց որդիներուն հետ հաշտեցնէ եւ անհնազանդները առաջնորդէ արդարներու իմաստութեան, եւ այսպիսով Տիրոջ գալուստին նախապատրաստուած ժողովուրդ մը պատրաստէ։ Զաքարիա ըսաւ հրեշտակին. – Ի՞նչպէս հաւատամ ըսածիդ. որովհետեւ ես ծեր եմ եւ կնոջս ալ տարիքը յառաջացած է։ Հրեշտակը պատասխանեց. – Ես Գաբրիէլն եմ եւ Տիրոջ ներկայութեան կը կանգնիմ։ Տէրը զիս ղրկեց, որ քեզի հետ խօսիմ եւ այս լուրը աւետեմ։ Եւ քանի չհաւատացիր խօսքերուս, որոնք իրենց ժամանակին պիտի իրականանան, համր պիտի ըլլաս, պիտի չկարենաս խօսիլ մինչեւ այն օրը, երբ ըսածս կատարուի։ Մինչ այդ, ժողովուրդը Զաքարիայի կը սպասէր եւ կը զարմանար որ անիկա սրբարանէն դուրս գալու կ՚ուշանար։ Երբ դուրս ելաւ, չէր կրնար խօսիլ, ուստի հասկըցան որ սրբարանին մէ ջ տեսիլք մը ունեցեր է։ Զաքարիա պապանձած էր եւ միայն շարժումներով կը խօսէր անոնց հետ։ Երբ Զաքարիայի պաշտօնավարութեան օրերը լրացան, իր տունը գնաց։ Այդ օրերուն իր կինը Եղիսաբէթ յղացաւ։ Հինգ ամիս տունէն դուրս չելաւ. կ՚ըսէր. – Այս օրերուս ահա Տէրը այսպէս օգնեց ինծի՝ վերցնելով մարդոցմէ կրած նախատինքս։ Եղիսաբէթիյղութեանվեցերորդամսուան, Աստուած Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքը, կոյսի մը մօտ, որ նշանուած էր Դաւիթի սերունդէն Յովսէփ անունով մէկու մը հետ։ Կոյսին անունը Մարիամ էր։ Հրեշտակը Մարիամի գալով ըսաւ. – Ուրախացի՛ր, շնորհալի՛ կոյս, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է։ Մարիամ այս խօսքին վրայ խռովեցաւ. կը մտածէր թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս ողջոյնը։ Սակայն հրեշտակը ըսաւ իրեն. – ՄԻ՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար։ Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես։ Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի։ Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, եւ անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ։ Մարիամ ըսաւ հրեշտակին. – Ատիկա ի՞նչպէս կրնայ պատահիլ, երբ ամուսնացած չեմ։ Հրեշտակը պատասխանեց. – Սուրբ Հոգին քեզի պիտի գայ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի. ուստի ծնելիք զաւակդ սուրբ է եւ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի։ Ահա ազգականդ Եղիսաբէթն ալ, հակառակ ծեր եւ ամուլ ըլլալուն՝ վեցերորդ ամիսն է որ յղի է։ Գիտցի՛ր, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ։ Մարիամ ըսաւ. – Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ։ Ապա հրեշտակը գնաց Մարիամի քովէն։ Նոյն օրերուն, Մարիամ ճամբայ ելլելով՝ աճապարանքով գնաց Յուդայի լեռնային շրջանի քաղաքներէն մէկը։ Հոն Զաքարիայի տունը մտնելով՝ Եղիսաբէթի ողջոյն տուաւ։ Երբ Եղիսաբէթ Մարիամի ողջոյնը լսեց, իր որովայնին մէջ երեխան շարժեցաւ, եւ Եղիսաբէթ Սուրբ Հոգիով ներշնչուած՝ բարձրաձայն ըսաւ. – Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ։ Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ՚այցելէ. որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ։ Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին։ Մարիամ ըսաւ. « Տէրը պիտի գովաբանեմ. Ահա հոգիս կ՚ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս, որովհետեւ ան տեսաւ իրաղախինինհեզութիւնը։ Ասկէետք բոլոր սերունդները երանի պիտի տան ինծի, քանի հզօրն Աստուած ինծի համար մեծամեծ գործեր կատարեց. սուրբ է անունը անոր։ Բոլոր ժամանակներուն մէջ ողորմութեամբ ան կը նայի աստուածավախ մարդոց վրայ։ Իր բազուկով ան զօրութիւն ցոյց տուաւ, ոչնչացուց հպարտները՝ իրենց բոլոր խորհուրդներով։ Գահազրկեց արքաները եւ բարձրացուց խոնարհները։ Անօթիները բարիքներով լիացուց, մինչ հարուստները դատարկաձեռն արձակեց։ Պաշտպան եղաւ իր ծառային՝ Իսրայէլի, հաւատարիմ մնալով իր ողորմութեան, ինչպէս որ խոստացած էր մեր հայրերուն՝ Աբրահամի եւ անոր զաւակներուն»։ Մարիամ Եղիսաբէթի մօտ շուրջ երեք ամիս մնալէ ետք վերադարձաւ իր տունը։ Եղիսաբէթի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ զաւակ մը ծնաւ։ Դրացիներն ու ազգականները երբ լսեցին, թէ որքան մեծ եղած է Տիրոջ ողորմութիւնը անոր հանդէպ՝ ուրախացան Եղիսաբէթի հետ։ Փոքրիկին ծննդեան ութերորդ օրը եկան զայն թլփատելու, եւ երբ զայն իր հօր անունով Զաքարիա պիտի կոչէին, մայրը ըսաւ. – Ո՛չ, Յովհաննէս պիտի կոչուի. Սակայն ներկաները կ՚առարկէին, ըսելով. – Բայց ձեր գերդաստանին մէջ Յովհաննէս անունով մէկը չկա՛յ։ Այս պատճառով նշանացի դիմեցին հօրը, գիտնալու համար թէ ի՛նչ կ՚ուզէ որ կոչուի մանուկը։ Զաքարիա տախտակ մը ուզեց եւ գրեց՝ Յովհաննէս։ Բոլորն ալ զարմացան։ Նոյն վայրկեանին Զաքարիայի լեզուն բացուեցաւ, սկսաւ խօսիլ եւ օրհնել զԱստուած։ Վախ ինկաւ բոլոր ներկաներուն եւ դրացիներուն մէջ, որոնք ասիկա լսեցին, եւ Հրէաստանի լեռնակողմը ամէ ն մարդ այս մասին կը խօսէր։ Ասիկա լսելով՝ ամէնքն ալ կը խորհէին ու կ՚ըսէին. – Արդեօք այս մանուկը ի՞նչպիսի մէկը պիտի ըլլայ։ Եւ Տիրոջ զօրութիւնը անոր հետ էր։ Հայրը՝ Զաքարիան, Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ մարգարէացաւ, ըսելով. «Օրհնեա՜լ է Իսրայէլի Տէր Աստուածը, որ օգնութեան հասաւ եւ փրկութիւն բերաւ իր ժողովուրդին։ Իր ծառային՝ Դաւիթի սերունդէն հզօր Փրկիչ մը տուաւ մեզի։ Իր սուրբ մարգարէներուն միջոցաւ կանուխէն մեզի խոստացաւ փրկել մեր թշնամիներէն ու բոլոր մեզատողներէն, եւ մեր հայրերուն հանդէպ իր ողորմութիւնը ցոյց տալ՝ իր սուրբ ուխտին հաւատարիմ մնալով, մեզի տալու այն՝ ինչ որ երդումով մեր հօր Աբրահամի խոստացած էր, որպէսզի առանց վախի, այլեւս մեր թշնամիներէն փրկուած՝ զինք պաշտենք մեր կեանքի բոլոր օրերուն, եւ իրեն ներկայանանք որպէս սուրբ եւ արդար մարդիկ։ Եւ դուն, զաւա՛կս, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս եւ Տիրոջ առջեւէն պիտի քալես՝ անոր ճամբան պատրաստելու, որպէսզի գիտցնես իր ժողովուրդին, թէ պիտի փրկուին՝ իրենց մեղքերուն ներում գտնելով. որովհետեւ Աստուած իր գթառատ ողորմութեամբ իբրեւ Արեգակ՝ երկինքէն պիտի ծագի մեր վրայ, եւ յայտնուի մեզի, որ խաւարի մէջ եւ մահուան շուքին տակ կը մնայինք, որպէսզի մեր ոտքերը դէպի խաղաղութեան ճամբան ուղղէ»։ Փոքրիկը կ՚աճէր մարմինով եւ կը զօրանար հոգիով։ Անիկա անապատին մէջ կը բնակէր մինչեւ այն օրը, երբ երեւցաւ Իսրայէլի մէջ։ Այդ օրերուն Օգոստոս կայսր հրամանագիր հանեց՝ իր կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր բնակիչներուն մարդահամարը կատարելու։ Այս առաջին մարդահամարը տեղի ունեցաւ Սուրիայի կառավարիչ Կիրենիոսի օրերուն։ Ամէն մարդ իր ծննդավայր քաղաքը կ՚երթար իր անունը արձանագրել տալու համար։ Յովսէփ, Դաւիթի ցեղէն եւ ազգատոհմէն ըլլալուն համար, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն ելաւ եւ իր անունը արձանագրել տալու համար գնաց Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքը, Դաւիթ թագաւորին ծննդավայրը։ Իրեն կ՚ընկերանար իր նշանածը՝ Մարիամ, որ յղի էր։ Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասաւ եւ ծնաւ իր անդրանիկ զաւակը, որ փաթթեց խանձարուրի մէջ եւ դրաւ մսուրի մը մէջ, որովհետեւ պանդոկին մէջ իրենց համար տեղ չկար։ Այնտեղ, դաշտերուն մէջ հովիւներ կային, որոնք գիշերով իրենց հօտերուն պահակութիւն կ՚ընէին։ Տիրոջ հրեշտակը անոնց երեւցաւ եւ Տիրոջ փառքը լոյսի պէս անոնց վրայ ծագեցաւ։ Հովիւները սաստիկ վախցան. հրեշտակը ըսաւ անոնց. – Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է։ Հետեւեալը ապացոյց ըլլայ ձեզի.է հոն մանուկ մը պիտի գտնէք՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած։ Եւ յանկարծ այդ հրեշտակին միացաւ երկնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը, որ կ՚օրհնաբանէր զԱստուած, ըսելով. «Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»։ Հազիւ հրեշտակները երկինք բարձրացած, հովիւները իրարու ըսին. – Եկէք Բեթլեհէմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց։ Անոնք աճապարանքով գացին եւ հոն գտան Մարիամն ու Յովսէփը, ինչպէս նաեւ մանուկը՝ մսուրին մէջ դրուած Այս տեսնելով անոնք Մարիամի եւ Յովսէփի յայտնեցին ինչ որ հրեշտակը ըսած էր իրենց՝ մանուկին մասին։ Բոլոր անոնք որոնք կը լսէին հովիւներուն պատմածը, կը զարմանային։ Մարիամ բոլոր այս ըսուածները միտքը կը պահէր եւ անոնց վրայ կը խոկար։ Իսկ հովիւները վերադարձան, փառաբանելով եւ օրհնաբանելով զԱստուած՝ իրենց լսածին եւ տեսածին համար, որ ճիշդ հրեշտակին պատմածին պէս էր։ Ութը օր ետք, երբ մանուկը թլփատելու ժամանակը հասաւ, Յիսուս կոչեցին զայն, այն անունով որ հրեշտակը տուած էր անոր՝ տակաւին Մարիամի որովայնին մէջ չյղացած։ Իսկ երբ Մովսէսի հաստատած Օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփն ու Մարիամը մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, որովհետեւ Տիրոջ Օրէնքին մէջ գրուած է. «Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է». ինչպէս նաեւ Տիրոջ Օրէնքին համաձայն զոհ մատուցանելու «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ»։ Այդ ժամանակ Երուսաղէմի մէջ Սիմոն անունով մարդ մը կ՚ապրէր։ Սիմոն արդար եւ աստուածավախ էր եւ Իսրայէլի փրկութեան կը սպասէր։ Սուրբ Հոգին իրեն հետ էր եւ վստահեցուցած էր զինք՝ թէ Տիրոջ Օծեալը չտեսած պիտի չմեռնէր։ Արդ, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած՝ անիկա տաճար գնաց։ Երբ ծնողքը մանուկ Յիսուսը տաճար բերին, որպէսզի կատարեն այն ինչ որ Օրէնքը կը պահանջէր մանուկին համար, Սիմոն իր գիրկը առաւ փոքրիկը եւ գոհաբանեց զԱստուած, ըսելով. – Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝ ձգէ՛ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի. որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելու եւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու։ Յիսուսի հայրն ու մայրը զարմանքով մտիկ կ՚ընէին այս խօսքերը, որ Սիմոն կ՚ըսէր մանուկին մասին։ Սիմոն օրհնեց զիրենք ալ, ապա մանուկին մօրը՝ Մարիամին ըսաւ. – Այս մանուկը Իսրայէլի ժողովուրդէն շատերու անկումին եւ շատերու փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ։ Անիկա նաեւ հակառակութեան նշան պիտի ըլլայ եւ շատերու սիրտերուն խորհուրդները պիտի յայտնէ։ Գալով քեզի, քու ալ սիրտէդ սուր մը պիտի անցնի։ Հոն էր նաեւ Փանուէլի աղջիկը՝ Աննա մարգարէուհին, որ Ասերի ցեղէն էր։ Աննա բաւականյառաջացած տարիք ունէր. անիկա միայն եօթը տարի ամուսնական կեանք վարած էր եւ այժմ ութսուն չորս տարեկան այրի մըն էր։ Տաճարէն չէր հեռանար, այլ գիշեր ու ցերեկ ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով անցնելով՝ զԱստուած կը պաշտէր։ Արդ, ինք ալ նոյն ժամուն գալով՝ գոհութիւն տուաւ Տիրոջ եւ մանուկին մասին կը խօսէր բոլոր անոնց, որոնք Երուսաղէմի մէջ Փրկիչին կը սպասէին։ Երբ Յովսէփ ու Մարիամ Տիրոջ Օրէնքին պահանջքները կատարեցին, վերադարձան Գալիլեա, իրենց քաղաքը՝ Նազարէթ։ Հոն մանուկը մեծցաւ, զօրացաւ եւ իմաստութեամբ լեցուեցաւ։ Աստուծոյ շնորհքը կար անոր վրայ։ Յիսուսի ծնողները ամէն տարի Զատիկի տօնին Երուսաղէմ կ՚երթային։ Երբ Յիսուս տասներկու տարեկան եղաւ, անոնք Երուսաղէմ գացին, ինչպէս տօնին սովորութիւն էր երթալ։ Տօնակատարութեան աւարտին, մինչ անոնք կը վերադառնային, Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց։ Իր ծնողները չանդրադարձան ասոր։ Անոնք կը կարծէին թէ ուղեկիցներուն հետ է։ Օրուան մը ճամբայ կտրելէ ետք, սկսան փնտռել Յիսուսը ազգականներու եւ ծանօթներու մօտ։ Երբ չգտան, կրկին Երուսաղէմ դարձան՝ հոն փնտռելու համար զինք։ Երեք օր ետք զինք գտան տաճարին մէջ։ Անիկա տաճարին ուսուցիչներուն հետ նստած՝ անոնց մտիկ կ՚ընէր եւ հարցումներ կ՚ուղղէր։ Բոլոր անոնք որ իրեն մտիկ կ՚ընէին, կը հիանային անոր իմաստութեան եւ տուած պատասխաններուն վրայ։ Ծնողները երբ տեսան Յիսուսը, ապշած մնացին։ Իր մայրը ըսաւ. – Այս ի՞նչ ըրիր մեզի, տղա՛ս. ահա հայրդ ու ես տակնուվրայ եղած՝ քեզ կը փնտռէինք։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ինչո՞ւ զիս ուրիշ տեղ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ հօրս տան մէջ պէտք է գտնուիմ։ Սակայն ծնողները այս խօսքերուն իմաստը չհասկցան։ Յետոյ Յիսուս ծնողներուն հետ միասին Նազարէթ գնաց, եւ հնազանդ մնաց անոնց։ Իր մայրը այս բոլորը իր սիրտին մէջ կը պահէր։ Յիսուս կը զարգանար իմաստութեամբեւ մարմնով՝ Աստուծոյ եւ մարդոց սիրելի ըլլալով։ Տիբերիոս կայսրին գահակալութեան տասնըհինգերորդ տարին Պոնտացի Պիղատոս Հրէաստանի կառավարիչն էր, Հերովդէս Գալիլեայի չորրորդապետն էր, Հերովդէսի եղբայրը՝ Փիլիպպոս, Իտուրիայի եւ Տրաքոնիտիսի չորրորդապետն էր, Լիսանիաս Աբիլենէի չորրորդապետն էր, իսկ Հաննա եւ Կայիափա այդ ժամանակուան Քահանայապետներն էին։ Այդ օրերուն Աստուած անապատին մէջ խօսեցաւ Զաքարիայի որդիին՝ Յովհաննէսի։ է Յովհաննէս Յորդանան գետին եզերքը գտնուող բոլոր շրջանները երթալով՝ կը քարոզէր ապաշխարել եւ մկրտուիլ, որպէսզի Աստուած մեղքերու թողութիւն տայ։ Այս մասին Եսայի մարգարէի գիրքին մէջ գրուած է.– «Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ՚ըսէ.– Պատրաստեցէ՛ք Տիրոջ ճանապարհը, հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները։ Բոլոր ձորերը պիտի լեցուին եւ բոլոր լեռներն ու բլուրները գետնին պիտի հաւասարին. բոլոր ճամբաները ուղիղ պիտի ըլլան, ինչպէս նաեւ խորտուբորտ արահետները՝ հարթ հաւասար, եւ ամբողջ մարդկութիւնը պիտի տեսնէ Աստուծոյ ղրկած Փրկիչը»։ Բազմաթիւ մարդիկ Յովհաննէսի կ՚երթային անկէ մկրտուելու համար։ Յովհաննէս անոնց կ՚ըսէր. – Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ ըսաւ ձեզի թէ կրնաք Աստուծոյ տալիք պատիժէն փախչիլ։ Ասկէ ետք գործո՛վ ցոյց տուէք թէ ապաշխարած էք։ Մի՛ կրկնէք դուք ձեզի՝ ըսելով. «Մենք Աբրահամի որդիներ ենք»։ Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ Աստուած քարերէն ալ կրնայ Աբրահամի որդիներ հանել։ Ահաւասիկ կացինը ծառերը իրենց արմատներէն կտրելու պատրաստ է։ Այն ծառը որ լաւ պտուղ չի տար՝ պիտի կտրուի եւ կրակ նետուի։ – Ուրեմն ի՞նչ ընենք,– հարցուց ժողովուրդը իրեն։ Յովհաննէս պատասխանեց. – Ով որ երկու հագուստ ունի՝ թող մէկը չունեցողին տայ, իսկ ով որ ուտելիք ունի՝ նոյնպէս ուրիշին հետ թող կիսէ։ Մաքսաւորներն ալ մկրտուելու եկան եւ հարցուցին իրեն. – Վարդապե՛տ, ի՞նչ ընենք։ Յովհաննէս պատասխանեց. – Ձեզի հրամայուածէն աւելի մի՛ գանձէք։ Զինուորներ ալ եկան եւ իրեն հարցուցին. – Մե՞նք ինչ ընենք։ Անոնց պատասխանեց. – Ոեւէ մէկէն բռնութեամբ եւ կամ զրպարտութիւն ընելով դրամ մի՛ առնէք։ Ձեզի տրուած թոշակով գոհացէք։ Ժողովուրդը կը սկսէր իր ակնկալած Փրկիչը տեսնել Յովհաննէսի մէջ. բոլորն ալ իրենք իրենց կը խորհէին թէ արդեօք Յովհաննէ՞սն է Քրիստոսը: Յովհաննէս անոնց պատասխանեց. – Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ, բայց ինձմէ աւելի հզօրը պիտի գայ, որ ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ։ Ես անոր կօշիկին կապերն իսկ քակելու արժանի չեմ։ Հեծանոցը իր ձեռքին, ան պիտի մաքրէ իր կալը. ցորենը հաւաքէ իր շտեմարանին մէջ, իսկ յարդը այրէ անշէջ կրակով։ Տակաւին ուրիշ շատ մը ուսուցումներով անիկա ժողովուրդը կը քաջալերէր՝ փրկութեան աւետիսը տալով անոնց։ Յովհաննէս յանդիմանեց Հերովդէս չորրորդապետը, իր եղբօր կինը՝ Հերովդիան խլելով անոր հետ ամուսնանալուն համար, ինչպէս նաեւ բոլոր իր չար գործերուն համար։ Այս պատճառով Հերովդէս բանտարկել տուաւ Յովհաննէսը, այսպիսով չար գործ մըն ալ աւելցնելով միւսներուն վրայ։ Ներկայ ամբողջ ժողովուրդը մկրտուելէն ետք՝ Յիսուս ալ մկրտուեցաւ։ Երբ Յիսուս կ՚աղօթէր, երկինքը բացուեցաւ եւ Սուրբ Հոգին տեսանելի կերպարանքովաղաւնիի պէս իջաւ անոր վրայ։ Ձայն մը լսուեցաւ երկինքէն, որ կ՚ըսէր. – Դո՛ւն ես իմ սիրելի Որդիս. քեզի՛ հաճեցայ։ Յիսուս շուրջ երեսուն տարեկան էր, երբ իր գործունէութեան սկսաւ։ Ինչպէս մարդիկ կը կարծէին՝ անիկա որդին էր Յովսէփի, որուն նախահայրերն էին՝ հօրմէն սկսեալ՝ Յակոբ, Հեղի, Մատթատ, Ղեւի, Մելքի, Յաննէ, Յովսէփ, Մատաթիա, Ամոս, Նաւում, Եսլի, Նակկէ, Մահաթ, Մատաթիա, Սեմէին, Եոսէք, Եոդա, Եոանան, Ռէսա, Զօրաբաբէլ, Սալաթիէլ, Նէրի, Մելքի, Ադդի, Կոսամ, Ելմադամ, Էր, Յեսու, Եղիազար, Եորիմ, Մատթատ, Ղեւի, Սիմէոն, Յուդա, Յովսէփ, Եոնամ, Եղիակիմ, Մելեա, Մեննա, Մատտաթա, Նաթան, Դաւիթ, Յեսսէ, Օբէդ, Բոազ, Սալմոն, Նաասոն, Ամինադաբ, Արամ, Ադմին, Առնի, Հեսրոն, Փերեզ, Յուդա, Յակոբ, Իսահակ, Աբրահամ, Թարա, Նաքոր, Սերուք, Ռագաւ, Փալեկ, Եբեր, Սելա, Կայնան, Արփաքսադ, Սեմ, Նոյ, Լամեք, Մաթուսալա, Ենոք, Եարեդ, Մալալիէլ, Կայնան, Ենոս, Սէթ եւ Ադամ, որ Աստուծմէ ստեղծուեցաւ։ Յիսուս Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ վերադարձաւ Յորդանանէն։ Ապա Սուրբ հոգիին կողմէ առաջնորդուած՝ գնաց անապատ, ուր քառասուն օր փորձուեցաւ Սատանայէն ։ Այդ օրերուն ո՛չ կերաւ եւ ո՛չ ալ խմեց։ Երբ քառասուն օրերը ամբողջացան, Յիսուս անօթեցաւ։ Սատանան ըսաւ իրեն. – Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, հրամայէ՛ որ այս քարը հաց դառնայ։ Յիսուս պատասխանեց. – Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ՝ Աստուծոյ բոլոր խօսքերով»։ Ապա Սատանան հանեց զինք բարձր լեռ մը եւ ակընթարթի մը մէջ իրեն ցոյց տուաւ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները եւ ըսաւ. – Այս բոլորին վրայ իշխանութիւն եւ անոնց փառքը քեզի կու տամ. անոնք ինծի տրուած են եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ։ Արդ, եթէ ինծի երկրպագութիւն ընես՝ այդ բոլորը քուկդպիտի ըլլան։ Յիսուս ըսաւ. – Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուծոյդ պէտք է երկրպագես եւ զայն միայն պաշտես»։ Յետոյ Սատանան զայն Երուսաղէմ տարաւ եւ կանգնեցուց տաճարի աշտարակներէն մէկուն վրայ եւ ըսաւ անոր. – Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, դուն քեզ այստեղէն վար նետէ։ Քանի Սաղմոսներուն մէջ գրուած է, թէ «Աստուած իր հրեշտակներուն պիտի պատուիրէ որ քեզ պահպանեն», եւ թէ «հրեշտակները քեզ իրենց ձեռքերուն վրայ պիտի վերցնեն, այնպէս որ ոտքդքարի չզարնուի»։ Յիսուս պատասխանեց. – Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուածդ չփորձե՛ս»։ Սատանան ամէն տեսակի փորձութիւն վերջացնելէ ետք՝ ժամանակուան մը համար հեռացաւ Յիսուսէն։ Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, եւ ամբողջ գաւառին մէջ իր համբաւըտարածուեցաւ։ Անոնց ժողովարաններուն մէջ կ՚ուսուցանէր՝ արժանանալով բոլորին հիացումին ու գովասանքին։ Եկաւ Նազարէթ քաղաքը, ուր մեծցած էր, եւ իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օր ժողովարան գնաց։ Երբ ոտքի ելաւ կարդալու համար օրուան ընթերցուածը, իրեն տուին Եսայի մարգարէին գիրքը։ Բացաւ եւ գտաւ այն տեղը ուր կ՚ըսէր.– « Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ զիս օծեց եւ ղրկեց՝ աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու՝ թէ ահա հասած է ժամանակը, երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը»։ Ապա գոցեց գիրքը, տուաւ պաշտօնեային եւ նստաւ։ Ժողովարանին մէջ գտնուողներուն բոլորին աչքերը իրեն սեւեռած էին Ֆերբ ըսաւ. – Այս մարգարէութիւնը որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ։ Ամէնքն ալ տպաւորուած էին իրմէ եւ հիանալով անոր շնորհալի խօսքերուն վրայ՝ կ՚ըսէին. – Այս մարդը Յովսէփի որդին չէ՞: Յիսուս ըսաւ. – Անտարակոյս ինծի պիտի ըսէք հետեւեալ առածը. «Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ»։ Եւ ինչ որ լսեցինք որ գործեր ես Կափառնաումի մէջ, այստեղ՝ քու հայրենի գաւառիդ մէջ ալ կատարէ։ Եւ աւելցուց. – Բայց դուք ալ գիտէք, որ մարգարէն իր ծննդավայրին մէջ յարգ չունի։ Ձեզի օրինակներով խօսիմ։ Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ այրիներ կային Եղիայի օրերուն, երբ երեքուկէս տարի երկինքը չանձրեւեց եւ ամբողջ երկրին մէջ սաստիկ սով տիրեց։ Բայց Եղիա անոնցմէ ոեւէ մէկուն չղրկուեցաւ, այլ ղրկուեցաւ Սիդոնի մօտիկ Սարեփթա գիւղը բնակող այրի կնոջ մը։ Նոյնպէս, Եղիսէ մարգարէի օրերուն Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ բորոտներ կային, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը բժշկուեցաւ, այլ միայն Նէեման անունով Ասորի մը։ Այս ակնարկութիւնները լսելով՝ ժողովարանին մէջ գտնուողները բարկութեամբ լեցուեցան։ Ելան, Յիսուսը քաղաքէն դուրս հանեցին եւ գահավէժ ընելու նպատակով զայն տարին մինչեւ կատարը այն լերան, որուն վրայ շինուած էր իրենց քաղաքը։ Բայց Յիսուս անոնց մէջէն անցաւ գնաց։ Յետոյ Յիսուս Գալիլեայի Կափառնաում քաղաքը գնաց, ուր Շաբաթ օրով սկսաւ ժողովուրդին ուսուցանել։ Բոլորն ալ կը զարմանային անոր ուսուցման կերպին վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կը խօսէր։ Ժողովարանին մէջ մէկը կար, որ պիղծ ոգիէ բռնուած էր. ոգին բարձրաձայն գոչեց. – Յիսո՛ւս Նազովրեցի, ձգէ՛, ի՞նչ կ՝ուզես մեզմէ. մեզ ոչնչացնելո՞ւ եկար. գիտե՛նք թէ ով ես, դուն Աստուծոյ Սուրբն ես։ Յիսուս սաստեց ոգին եւ ըսաւ. – Լռէ՛ եւ դո՛ւրս ել մարդէն։ Ոգին բոլորին դիմաց զգետնեց մարդը եւ դուրս ելաւ՝ առանց վնասելու անոր։ Բոլորն ալ ապշահար՝ իրարու կ՚ըսէին. – Ի՜նչ զօրեղ խօսք. հեղինակութեամբ եւ զօրութեամբ կը սաստէ չար ոգիները եւ անոնք դուրս կ՚ելլեն։ Եւ Յիսուսի համբաւը կը տարածուէր գաւառին բոլոր կողմերը։ Ժողովարանէն ելլելով՝Յիսուս գնաց Սիմոնի տունը։ Սիմոնի զոքանչը սաստիկ տաքութիւն ունէր եւ կը տանջուէր անկէ։ Յիսուսի աղաչեցին որ բժշկէ զայն։ Յիսուս անոր մօտ գնաց եւ սաստեց տաքութիւնը։ Տաքութիւնը անցաւ, եւ հիւանդը անմիջապէս ոտքի ելլելով՝ սկսաւ սպասարկել անոնց։ Արեւնամուտին, բոլոր անոնք որոնք զանազան ցաւերէ բռնուած հիւանդներ ունէին, Յիսուսի բերին։ Յիսուս անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ իր ձեռքերը դնելով՝ կը բժշկէր զանոնք։ Շատերու մէջէն դեւեր ալ կ՚ելլէին, որոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին. – Դուն Աստուծոյ Որդին ես։ Սակայն Յիսուս կը սաստէր զանոնք եւ չէր ձգեր որ խօսին, քանի դեւերը գիտէին թէ ինք Քրիստոսն է։ Առաւօտուն Յիսուս ելաւ ամայի վայրմը գնաց։ Ժողովուրդը սկսաւ զինք փնտռել։ Երբ եկան իր մօտ, չէին ձգեր որ հեռանայ իրենցմէ։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ պէտք է Աստուծոյ արքայութիւնը աւետեմ, որովհետեւ ճիշդ ասոր համար Աստուած զիս ղրկեց։ Եւ Յիսուս Գալիլեայի ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր։ Յիսուս Գեննեսարէթի լիճին եզերքը կեցած էր, երբժողովուրդը սկսաւ իր շուրջ խառնուիլ՝ լսելու համար Աստուծոյ խօսքը։ Անիկա երկու նաւակներ տեսաւ լիճին եզերքը. իսկ ձկնորսները նաւակէն դուրս ելած՝ իրենց ուռկանները կը լուային։ Յիսուս մտաւ նաւակներէն մէկուն մէջ, որ Սիմոնին կը պատկանէր, եւ խնդրեց որ ցամաքէն քիչ մը հեռացնէր նաւակը։ Եւ նաւակին մէջ նստած՝ սկսաւ ժողովուրդին ուսուցանել։ Երբ իր խօսքը վերջացուց, Սիմոնին ըսաւ. – Քիչ մը աւելի խորը տար նաւակը եւ ձուկ որսալու համար ձեր ուռկաններընետեցէք։ Սիմոն պատասխանեց. – Վարդապե՛տ, ամբողջ գիշերը յոգնեցանք եւ ոչինչ որսացինք, բայց քու խօսքիդ համար ուռկանները նետենք։ Ուռկանները նետեցին եւ մեծ քանակութեամբ ձուկ բռնեցին մէջը, այնքան՝ որ իրենց ուռկանները կը պատռտէին։ Նշան ըրին իրենց գործի ընկերներուն, որոնք միւս նաւակին մէջ էին, որպէսզի իրենց օգնութեան գան։ Անոնք եկան եւ երկու նաւակները ա՛յնքան լեցուեցան, որ այլեւս պիտի ընկղմէին։ Երբ Սիմոն Պետրոս տեսաւ ասիկա, ինկաւ Յիսուսի ծունկերուն առջեւ եւ ըսաւ. –Հեռացի՛ր ինձմէ, Տէ՜ր, որովհետեւ ես մեղաւոր մարդ մըն եմ։ Քանի ինք եւ իրեն հետ եղողները շատ վախցած էին, տեսնելով իրենց բռնած մեծ քանակութեամբ ձուկերը։ Նոյն վիճակին մատնուած էին Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, որոնք Սիմոնի գործընկեր էին։ Յիսուս ըսաւ Սիմոնի. – Մի՛ վախնար, ասկէ ետք մարդիկ պիտի որսաս՝ կեանքի համար։ Անոնք նաւակները ցամաք հանեցին եւ ամէն ինչ ձգելով՝ հետեւեցան Յիսուսի։ Յիսուս օր մը երբ քաղաք մը հասաւ, ահա բորոտութեամբ ծածկուած մարդ մը տեսաւ զինք եւ երեսին վրայ գետին փռուելով՝ աղաչեց եւ ըսաւ. – Տէ՛ր, եթէ ուզես՝ կրնաս զիս մաքրել։ Յիսուս ձեռքը երկարեց, դպաւ անոր ու ըսաւ. – Կ՚ուզեմ, մաքրուէ՛։ Անմիջապէս բորոտութիւնը գնաց անկէ։ Ապա Յիսուս անոր պատուիրեց. – Ոեւէ մէկուն բան մի՛ ըսեր, այլ գնա եւ դուն քեզ քահանային ցոյց տուր. ապա ժողովուրդին իբրեւ վկայութիւն՝ թէ բորոտութենէդ մաքրուած ես՝ զոհդ մատուցանէ, ինչպէս որ Մովսէս հրամայած է։ Եւ Յիսուսի համբաւը աւելի կը տարածուէր։ Խուռն բազմութիւններ կը հաւաքուէին, լսելու համար զինք եւ բժշկուելու իրենց հիւանդութիւններէն։ Իսկ ինք դէպի ամայի վայրեր խոյս կու տար եւ կ՚աղօթէր։ Օր մը, երբ Յիսուս կ՚ուսուցանէր, Գալիլեայի եւ Հրէաստանի շրջաններէն ու Երուսաղէմէն եկած Փարիսեցիներ եւ Օրէնքի ուսուցիչներ ալ նստած էին հոն։ Յիսուս Տիրոջ զօրութեամբ բժշկութիւններ կը կատարէր։ Եւ ահա քանի մը հոգիներ անդամալոյծ մը բերին մահիճի վրայ. կ՚ուզէին ներս մտցնել զայն եւ Յիսուսի առջեւ բերել։ Երբ խճողումին պատճառով ներս մտնելու ճամբայ չգտան, տանիք ելան եւ առաստաղէն կախելով՝ մահիճով միասին իջեցուցին բազմութեան մէջտեղը, Յիսուսի առջեւ։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, անդամալոյծին ըսաւ. – Ո՛վ մարդ, մեղքերդ ներուած են քեզի։ Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները սկսանխորհիլ եւ իրարու ըսել. – Ո՞վ է այս մարդը, որ կը համարձակի այսպիսի հայհոյութիւն ընել. Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքերը ներել։ Յիսուս անոնց մտածումը գիտնալով, ըսաւ. – Ի՞նչ է այդ ձեր մտածածը. ո՞ր մէկը աւելի դիւրին է, «Մեղքերդ քեզի ներուած են» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել եւ քալէ՛» ըսելը։ Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ մեղքերը ներելու իշխանութիւն ունի։ Ապա անդամալոյծին դառնալով՝ ըսաւ. – Քեզի կ՚ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տո՛ւնդգնա։ Անմիջապէս բոլորին դիմաց անդամալոյծը ոտքի ելաւ, առաւ մահիճը, որուն վրայ պառկած էր եւ տուն գնաց՝ զԱստուած փառաւորելով։ Բոլորն ալ ապշեցան եւ վախով լեցուեցան, եւ զԱստուած կը փառաւորէին՝ ըսելով. – Այսօր հրաշալի բաներ տեսանք։ Այս հրաշքէն ետք, երբ Յիսուս ելաւ հոնկէ, տեսաւ Ղեւի անունով մաքսաւոր մը, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր. – Ինծի՛ հետեւէ։ Ղեւի ձգեց ամէն ինչ եւ ելաւ ու անոր հետեւեցաւ։ Ապա Ղեւի Յիսուսի համար մեծ ճաշկերոյթ մը սարքեց իր տան մէջ։ Հրաւիրեալներուն մէջ շատ մը մաքսաւորներ ալ կային, որոնքմիասին նստած էին։ Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկսան Յիսուսի մասին տրտնջալ իր աշակերտներուն, ըսելով. – Ինչո՞ւ մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն հետ կ՚ուտէք ու կը խմէք։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Առողջները չեն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ՝ հիւանդները։ Չեկա՛յ արդարները ապաշխարութեան հրաւիրելու, այլ՝ մեղաւորները։ Անոնցմէ ոմանք հարցուցին Յիսուսի. – Ինչո՞ւ Յովհաննէսի աշակերները յաճախ ծոմ կը պահեն եւ կ՚աղօթեն. նոյնը կ՚ընեն Փարիսեցիներու աշակերտներն ալ, մինչ քուկիններդ կ՚ուտեն ու կը խմեն։ Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Կրնա՞ք հարսանիքի հրաւիրեալներուն ըսել՝ որ ծոմ պահեն, երբ տակաւին փեսան իրենց հետ է։ Օր պիտի գայ, երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ եւ այն ատեն անոնք ալ ծոմ պիտի պահեն։ Ապա օրինակ մըն ալ տուաւ անոնց. – Ոչ ոք նոր հագուստէ մը կտոր մը առնելով՝ հինին համար կարկտան կ՚ընէ. այդպիսով թէ՛ նոր հագուստը կը փճանայ եւ թէ՛ կարկտանը հինին չի յարմարիր։ Նոյնպէս, ոչ ոք նոր գինին հին տիկերու մէջ կը լեցնէ. այլապէս՝ նոր գինին կը պայթեցնէ հին տիկերը եւ պատճառ կ՚ըլլայ որ թէ՛ գինին թափի եւ թէ՛ տիկերը փճանան։ Ընդհակառակը, նոր գինին նոր տիկերու մէջ դրուելու է, որպէսզի երկուքն ալ չփճանան։ Ոչ ոք հին գինին խմելէ ետք անմիջապէս նորը կ՚ուզէ, քանի կ՚ըսէ. «Հին գինին աւելի քաղցրահամ է»։ Յիսուս առաջին ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը ցորենի արտերուն մէջէն կ՚անցնէր։ Իր աշակերտները հասկեր փրցնելով իրենց ափերուն մէջ կըշփէին եւ հատիկները կ՚ուտէին։ Փարիսեցիներէն ոմանքանոնց ըսին. – Այդ ի՞նչ կ՚ընէք. չէ՞ որ Օրէնքը կ՚արգիլէ ատիկա Շաբաթ օրով ընել։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան։ Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ, չկերա՞ւ առաջաւորութեան հացը եւ չտուա՞ւ նաեւ իր հետ եղողներուն, երբ Օրէնքին համաձայն՝ քահանաներէն զատ ո՛չ ոք կրնար այդ հացէն ուտել։ Ապա աւելցուց. – Մարդու Որդին Շաբաթ օրուան Տէրն է։ Ուրիշ Շաբաթ օր մը, Յիսուս ժողովարան մտաւ եւ սկսաւ ուսուցանել։ Հոն մարդ մը կար, որուն աջ ձեռքը գօսացած էր։ Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները կը սպասէին, տեսնելու համար թէ Յիսուս Շաբաթ օրով պիտի բժշկէ՞ մարդը, որպէսզի ամբաստանեն զայն։ Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ դառնալով մարդուն, որուն ձեռքը գօսացած էր, ըսաւ. – Ոտքի՛ ել եւ մէջտեղ կեցիր։ Անիկա ոտքի ելաւ եւ մէջտեղ կեցաւ։ Յետոյ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Ձեզի բան մը պիտի հարցնեմ։ Մեր Օրէնքը Շաբաթ օրով ի՞նչ ընել կը թոյլատրէ. բարի՞ք գործել, թէ չարիք. կեանք մը փրկե՞լ թէ կորսնցնել։ Ապա նայուածք մը նետեց շուրջիններուն վրայ եւ վրդոված՝ ըսաւ մարդուն. – Ձե՛ռքդ երկարէ։ Անիկա ձեռքը երկարեց եւ ահա գօսացած ձեռքը միւս ձեռքին նման առողջացաւ։ Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները կատաղութեամբ լեցուեցան եւ իրարու հետ կը խորհրդակցէին թէ ի՛նչ ընեն Յիսուսի։ Յիսուս օր մը լեռ բարձրացաւ աղօթելու համար եւ ամբողջ գիշերը Աստուծոյ աղօթելով անցուց։ Առաւօտուն իր մօտ կանչեց իր աշակերտները եւ անոնցմէ տասներկու հոգի ընտրեց, որոնք նաեւ առաքեալ կոչեց։ Այդ առաքեալներն էին՝ Սիմոնը, որ Պետրոս ալ անուանեց, անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, Յակոբոսը, Յովհաննէսը, Փիլիպպոսը, Բարթողոմէոսը, Մատթէոսը, Թովմասը, Ալփէոսի որդին՝Յակոբոսը, Նախանձայոյզ կոչուած Սիմոնը, Յակոբի որդին՝ Յուդան եւ Իսկարիոտացի Յուդան, որ մատնիչը եղաւ։ Ապա անոնց հետ տափարակ տեղ մը իջաւ։ Հոն էին բոլոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Հրէաստանի բոլոր կողմերէն, Երուսաղէմէն եւ շրջակայքէն եւ Տիւրոսի ու Սիդոնի ծովեզերեայ շրջաններէն։ Բոլորն ալ եկած էին Յիսուսի խօսքերը մտիկ ընելու եւ իրենց հիւանդութիւններէն բուժուելու։ Անոնք որոնք չար ոգիներէ կը տառապէին՝ կը բժշկուէին։ Ամբողջ ժողովուրդը կ՚ուզէր իրեն դպչիլ, որովհետեւ իրմէ զօրութիւն դուրս կ՚ելլէր եւ կը բժշկէր բոլորն ալ։ Յիսուս իր աչքերը աշակետներուն յառելով, ըսաւ. – Երանի՜ աղքատներուդ, որովհետեւ ձերն է Աստուծոյ արքայութիւնը։ Երանի՜ ձեզի՝ այժմ քաղցածներուդ, որովհետեւ պիտի յագենաք։ Երանի՜ ձեզի՝ այժմ լացողներուդ, որովհետեւ պիտի խնդաք։ Երանի՜ ձեզի, երբ մարդիկ ձեզ ատեն, մերժեն ձեզ ընդունիլ, նախատեն եւ վարկաբեկեն ձեզ՝ Մարդու Որդիին հետեւելնուդ համար։ Այդ օր ուրախացէք եւ ցնծացէք, որովհետեւ մեծ վարձատրութիւն պիտի ունենաք երկինքի մէջ։ Անոնց նախահայրերը մարգարէներուն նկատմամբ նոյն վերաբերումը ունեցան։ Բայց վա՜յ ձեզի՝ հարուստներուդ, որովհետեւ ձեր հանգիստն ու վարձատրութիւնը արդէն իսկ ստացաք։ Վա՜յ ձեզի որ այժմ յագեցած էք, որովհետեւ պիտի անօթենաք։ Վա՜յ ձեզի որ այժմ կը խնդաք, որովհետեւ պիտի սգաք ու լաք։ Վա՜յ ձեզի, երբ մարդիկ գովաբանեն ձեզ, որովհետեւ անոնց հայրերը նոյն վերաբերումը ունեցան սուտ մարգարէներուն հանդէպ։ – Բայց դուք որ ինծի մտիկ կ՚ընէք, ձեզի կ՚ըսեմ.է Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն. օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները եւ աղօթեցէք անոնց համար՝ որոնք ձեզի նեղութիւն կը պատճառեն։ Ով որ երեսիդ ապտակ մը զարնէ՝ միւսն ալ դարձուր անոր. ով որ բաճկոնդ վրայէդ հանէ՝ ձգէ որ անիկա շապիկդ ալ առնէ։ Ով որ քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տուր, եւ ով որ քեզմէ բան մը առնէ՝ ետ մի՛ պահանջեր։ Ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն՝ դուք ալ նոյնը ըրէք անոնց։ Ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք՝ եթէ սիրէք միայն ձեզ սիրողները. մեղաւորներն ալ կը սիրեն իրենց սիրելիները։ Ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք՝ եթէ բարիք գործէք միայն անոնց, որոնք ձեզի բարիք կ՚ընեն. մեղաւորներն ալ նոյնը կ՚ընեն։ Դարձեալ, ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք՝ եթէ փոխ տաք միայն անոնց, որոնցմէ կ՚ակնկալէք ձեր տուածը ետ առնել, չէ՞ որ մեղաւորներն ալ մեղաւորներուն փոխ կու տան եւ իրենց տուածը ամբողջութեամբ ետ կ՚առնեն։ Ընդհակառակը, սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները եւ բարիք ըրէք անոնց. փոխ տուէք անոնց՝ որոնցմէ յոյս չունիք ձեր տուածը ետ առնելու։ Եւ այն ատեն առատ վարձատրութիւն պիտի ունենաք. այն ատեն՝ բարձրեալ Աստուծոյ որդիները պիտի ըլլաք, որովհետեւ անիկա գթասիրտ է չարերուն եւ ապերախտներուն հանդէպ։ Գթասիրտ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն ալ գթասիրտ է։ – Մի՛ դատէք, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. մի՛ դատապարտէք, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատապարտէ։ Ներեցէ՛ք ուրիշներուն եւ Աստուած ալ ձեզի պիտի ներէ։ Տուէք եւ Աստուած ձեզի պիտի տայ. պիտի տայ լաւ չափով, բերնէ բերան, զեղուն առատութեամբ։ Ինչ չափով որ ուրիշները չափէք, նոյն չափով Աստուած ձեզ պիտի չափէ։ Օրինակ մըն ալ տուաւ անոնց. – Միթէ կոյրը կրնա՞յ ուրիշ կոյր մը առաջնորդել. չէ՞ որ երկուքն ալ փոսը կ՚իյնան։ Աշակերտը ուսուցիչէն գերիվեր չէ, բայց կատարեալ պատրաստութիւն ունեցող աշակերտը իր ուսուցիչին նման պիտի ըլլայ։ Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ գտնուող շիւղը կը տեսնես, բայց քու աչքիդ գերանը չես նշմարեր։ Կամ, ի՞նչպէս կրնաս եղբօրդ ըսել. «Եղբայր, ձգէ՛ որ աչքիդ մէջէն շիւղը հանեմ», մինչ դուն քու աչքիդ գերանը չես տեսներ։ Կեղծաւո՛ր, նախ քու աչքիդ մէջէն գերանը հանէ, որպէսզի յստակ տեսնելով՝ կարենաս եղբօրդ աչքէն շիւղը հանել։ – Լաւ ծառը գէշ պտուղ չի տար, ոչ ալ գէշ ծառը՝լաւ պտուղ։ Իւրաքանչիւր ծառ իր պտուղէն պիտի ճանչցուի։ Ոեւէ մէկը փուշէն թուզ չի քաղեր եւ ոչ ալ մորենիէն՝ խաղող։ Բարի մարդը իր սիրտի բարի գանձէն բարիք կը բղխեցնէ, իսկ չար մարդը՝ չարիք, քանի բերանը սիրտին մէջ եղածն է որ կը խօսի։ – Ինչո՞ւ զիս « Տէ՛ր, Տէ՛ր» կը կոչէք, եւ սակայն իմ ըսածներս չէք կատարեր։ Ով որ ինծի կու գայ եւ խօսքերս լսելով կը գործադրէ զանոնք, ըսեմ ձեզի թէ որո՛ւ կը նմանի։ Կը նմանի այն մարդուն, որ տուն շինելու համար հողը խորունկ կը փորէ եւ հիմը ժայռի վրայ կը հաստատէ։ Երբ գետը հեղեղներէն յորդելով կը զարնէ տան, չի կրնար զայն խախտել, որովհետեւ տան հիմը ժայռի վրայ հաստատուած է։ Իսկ ով որ կը լսէ խօսքերս եւ սակայն չի գործադրեր, կը նմանի այն մարդուն, որ հողի վրայ առանց հիմի տուն կը շինէ, որուն երբ գետը զարնուի՝ անմիջապէս կը քանդուի։ Եւ ի՜նչ ահաւոր կ՚ըլլայ այդ տան կործանումը։ Յիսուս ժողովուրդին իր բոլոր ըսելիքները վերջացնելէ ետք Կափառնաում գնաց։ Հոն Հռոմայեցի հարիւրապետ մը կար, որուն ծառան, որ շատ սիրելի էր իրեն, մահամերձ հիւանդ էր։ Հարիւրապետը երբ լսեց Յիսուսի մասին, քանի մը Հրեայ երէցներ ղրկեց անոր, խնդրելով որ գայ եւ փրկէ ծառան։ Երէցները եկան Յիսուսի մօտ եւ թախանձագին խնդրելով, ըսին. – Արժանաւոր մէկուն է որ բարիք պիտի ընես. անիկա մեր ազգը կը սիրէ եւ ինքն էր որ մեզի համար ժողովարան շինեց։ Յիսուս անոնց հետ գնաց։ Երբ մօտեցած էր տան, հարիւրապետը իր բարեկամները ղրկեց, որպէսզի անոր ըսեն. – Տէ՛ր, մի՛ յոգնիր. ես արժանի չեմ քեզ իմ յարկիս տակ ընդունելու. ահա թէ ինչո՛ւ ինքզինքս արժանի չգտայ քեզի գալու։ Միայն հրահանգ մը տուր եւ ծառան պիտի առողջանայ։ Որովհետեւ ես ալ, որպէս իշխանութեան ենթակայ մարդ մը՝ ձեռքիս տակ զինուորներ ունիմ. մէկուն կ՚ըսեմ՝ «Գնա՛» եւ կ՚երթայ, ուրիշի մը կ՚ըսեմ՝ «Եկո՛ւր» եւ կու գայ. ծառայիս կ՚ըսեմ՝ «Ատիկա ըրէ» եւ կը կատարէ։ Յիսուս երբ լսեց ասիկա, հիացաւ անոր վրայ, եւ դառնալով իրեն հետեւող բազմութեան, ըսաւ. – Իրապէ՛ս կ՚ըսեմ ձեզի, թէ նոյնիսկ Իսրայէլի մէջ այսչափ հաւատք չգտայ։ Պատգամաւորները տուն վերադարձան եւ հիւանդ ծառան բժշկուած գտան։ Յաջորդ օր Յիսուս ճամբայ ելաւ՝ Նային կոչուած քաղաքը երթալու համար։ Իրեն կ՚ընկերանային իր աշակերտները եւ բազմաթիւ ժողովուրդ։ Հազիւ քաղաքին դարպասին մօտեցած էր, ահա անկէ դուրս կը հանէին մեռել մը, որ այրի մօր մը մէկ հատիկ զաւակն էր։ Քաղաքի ժողովուրդէն շատեր անոր կը հետեւէին։ Տէրը երբ կինը տեսաւ, գթաց անոր եւ ըսաւ. – Մի՛ լար։ Ապա մօտեցաւ եւ դպաւ դագաղին։ Դագաղը շալկողները կանգ առին։ Յիսուս ըսաւ. – Պատանի՛, քեզի կ՚ըսեմ՝ ե՛լ։ Մեռած պատանին ելաւ նստաւ եւ սկսաւ խօսիլ։ Յիսուս զայն յանձնեց մօրը։ Բոլորն ալ վախցան եւ փառաւորեցին զԱստուած՝ ըսելով. – Մեծ մարգարէ մը յայտնուեր է մեր մէջ, Աստուած իր ժողովուրդը փրկելու եկեր է։ Եւ Յիսուսի մասին այս լուրերը տարածուեցան Հրէաստանի եւ անոր շրջակայքին մէջ։ Երբ Յովհաննէսի աշակերտները այս բոլորին մասին պատմեցին իրեն, Յովհաննէս իր աշակերտներէն երկուքը քովը կանչելով՝ զանոնք Յիսուսի ղրկեց, հարցնելու համար. – Դո՞ւն ես ան՝ որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք։ Աշակերտները եկան եւ Յիսուսի ըսին. – Յովհաննէս Մկրտիչը մեզ քովդ ղրկեց՝ հարցնելու համար, թէ «Դո՞ւն ես ան՝ որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք»։ Նոյն այդ ժամուն Յիսուս շատեր իրենց հիւանդութիւններէն, ցաւերէն եւ չար ոգիներէն բժշկեց, ինչպէս նաեւ շատ մը կոյրերու տեսողութիւն պարգեւեց։ Ապա Յովհաննէսի ղրկած երկու աշակերտներուն ըսաւ. – Գացէք եւ Յովհաննէսի պատմեցէք ինչ որ տեսաքու լսեցիք. ահա կոյրերը կը տեսնեն, կաղերը կը քալեն, բորոտները կը մաքրուին, խուլերը կը լսեն, մեռելները յարութիւն կ՚առնեն եւ Աւետարանը աղքատներուն կը քարոզուի։ Երանի՜ անոր որ իմ պատճառովս իր հաւատքը չի կորսնցներ։ Երբ Յովհաննէսի պատգամաւորները մեկնեցան, Յիսուս Յովհաննէսի մասին սկսաւ խօսիլ ժողովուրդին, ըսելով. – Ի՞նչ տեսնելու գացիք անապատ. հովէն շարժող եղէ՞գ մը։ Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. փափուկ հագուստներ հագած մա՞րդ մը։ Բայց անոնք որ փառաւոր հագուստ կը հագնին եւ ճոխութեան մէջ կ՚ապրին, անոնք արքունի պալատներուն մէջ են։ Հապա ի՞նչ տեսնելու գացիք. մարգարէ՞ մը։ Այո՛, վստա՛հ եղէք, նոյնիսկ աւելի քան մարգարէ մը։ Որովհետեւ Յովհաննէսի մասին է որ մարգարէութեան մէջ Տէրը կ՚ըսէ.– «Ահա պատգամաւորս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ, որ քեզի համար ճամբայ պատրաստէ»։ Վստահ եղէք, մարդոց մէջ Յովհաննէսէն մեծ մարգարէ չէ ծնած, սակայն Աստուծոյ արքայութեան մէջ յետին եղողը Յովհաննէսէն աւելի մեծ է։ Ամբողջ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ մաքսաւորները, որոնք մկրտուած էին Յովհաննէսէն, երբ այս խօսքերը լսեցին՝ ճանչցան Աստուծոյ արդար ծրագիրը։ Իսկ Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները, որոնք Յովհաննէսէն չէին մկրտուած, մերժեցին ինչ որ Աստուած ծրագրած էր իրենց համար։ Ապա Յիսուս շարունակեց. – Որո՞ւ նմանցնեմ այս սերունդի մարդիկը. որո՞ւ կը նմանին։ Կը նմանին այն փոքրիկներուն, որոնք հրապարակի վրայ կը նստին եւ իրարու ձայն կու տան, ըսելով. «Մենք նուագեցինք՝ բայց դուք չպարեցիք. ողբի երգեր երգեցինք՝ բայց դուք չլացիք»։ Յովհաննէս Մ կրտիչը եկաւ, ո՛չ հաց կ՚ուտէր, ոչ գինի կը խմէր, կ՚ըսէք. «Դիւահար է»։ Մարդու Որդին եկաւ, կ՚ուտէ ու կը խմէ, եւ կ՚ըսէք. «Ուտող ու խմող է այս մարդը, մաքսաւորներուն եւ մեղաւորներուն՝ բարեկամ»։ Բայց արդարութեան հետեւորդները կրնան հասկնալ Աստուծոյ իմաստութիւնը։ Փարիսեցիներէն մէկը Յիսուսէն կը խնդրէր որ միասին ճաշեն։ Յիսուս գնաց անոր տունը եւ նստաւ ուտելու։ Քաղաքին մէջ պոռնիկ կին մը կար, որ երբ լսեց թէ Յիսուս Փարիսեցիին տունն է, անուշահոտ ազնիւ իւղի շիշ մը առնելով՝ Փարիսեցիին տունը եկաւ. ետեւի կողմէն Յիսուսի ոտքերուն մօտ կեցած՝ կու լար, արցունքներով անոր ոտքերը կը թրջէր եւ մազերով կը սրբէր, կը համբուրէր ոտքերը եւ իւղով կ՚օծէր զանոնք։ Փարիսեցին, որ հրաւիրած էր Յիսուսը, ասիկա տեսնելով՝ ինքնիրեն կ՚ըսէր. – Եթէ այս մարդը մարգարէ ըլլար, պէտք է գիտնար թէ ո՛վ է իրեն մօտեցող այս կինը, եւ թէ ի՛նչպիսի մեղաւոր կեանք մը կ՚ապրի ան։ Յիսուս Փարիսեցիին ըսաւ. – Սիմո՛ն, քեզի ըսելիք մը ունիմ։ – Ըսէ՛, Վարդապետ, է ըսաւ ան։ Յիսուս ըսաւ. – Երկու հոգիներ փոխատուի մը դրամ պարտական էին. մէկը հինգ հարիւր արծաթ դրամ, միւսը՝ յիսուն։ Երբ անոնք չկրցան դրամը վերադարձնել, պարտատէրը երկուքին ալ պարտքը ջնջեց։ Հիմա դո՛ւն ըսէ, այս երկու պարտապաններէն ո՞ր մէկը աւելի պիտի սիրէ զայն։ Սիմոն պատասխանեց. – Ինծի այնպէս կը թուի թէ ան՝ որուն աւելի շատ շնորհեց։ – Ճի՛շդ դատեցիր, է ըսաւ Յիսուս։ Ապա դառնալով դէպի կինը, շարունակեց. –Սիմո՛ն, կը տեսնե՞ս այս կինը։ Տունդ մտայ, բայց ոտքերս լուալու համար ջուր չտուիր, մինչ ասիկա իր արցունքներով ոտքերս թրջեց եւ մազերովը սրբեց։ Դուն բարի գալուստի համբոյր մը չտուիր ինծի, մինչ ասիկա տունդ մտնելէս ի վեր չդադրեցաւ ոտքերս համբուրելէ։ Դուն գլուխս իւղով չօծեցիր, մինչ ասիկա ոտքերս օծեց անուշահոտ իւղով։ Ուստի կ՚ըսեմ քեզի, քանի զիս շատ սիրեց՝ ներուած են անոր բազմաթիւ մեղքերը։ Որովհետեւ անոր որ աւելի կը ներուի՝ անիկա աւելի սէր ցոյց կու տայ, իսկ անոր որ քիչ կը ներուի՝ աւելի քիչ կը սիրէ։ Ապա կնոջ դառնալով՝ ըսաւ. – Մեղքերդ ներուած են։ Անոնք որոնք միասին նստած էին, սկսան իրենք իրենց ըսել. – Ո՞վ է այս մարդը, որ նոյնիսկ մեղքերը կը ներէ։ Իսկ Յիսուս կնոջ ըսաւ. – Հաւատքդ քեզ փրկեց. խաղաղութեամբ գնա։ Անկէ ետք Յիսուս տասներկու աշակերտներուն հետ քաղաքներն ու գիւղերը կը շրջէր՝ քարոզելով եւ Աստուծոյ արքայութիւնը աւետելով։ Իրեն հետ էին նաեւ կարգ մը կիներ, որոնք չար ոգիներէ եւ հիւանդութիւններէ բժշկուած էին, ինչպէս Մարիամը, որ Մագդաղենացի կը կոչուէր եւ որմէ եօթը չար ոգիներ հանած էր, Հերովդէսի պալատին վերակացու Քուզայի կինը՝ Յովհաննան, Շուշանը, ինչպէս նաեւ շատ մը ուրիշներ, որոնք իրենց միջոցներով կը հոգային Յիսուսի պէտքերը։ Երբ շատ մը քաղաքներէ մարդիկ սկսան հաւաքուիլ իր շուրջ եւ խուռն բազմութիւն մը կազմուեցաւ, Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց. – Սերմնացան մը սերմ ցանելու ելաւ։ Սերմանած ատեն՝ սերմերէն ոմանք ճամբուն եզերքը ինկան ու ոտքի կոխան եղան, եւ երկինքի թռչունները եկան կերան զանոնք։ Ուրիշներ ժայռոտ տեղ ինկան, եւ երբ բուսան՝ անմիջապէս չորցան, քանի հողը խոնաւ չէր։ Ոմանք ինկան փուշերու մէջ, եւ փուշերը միասին բուսնելով՝ խեղդեցին զանոնք։ Իսկ ուրիշներ ալ ինկան լաւ եւ պարարտ հողի մէջ եւ հարիւրապատիկ պտուղ տուին։ Այս առակը պատմելէ ետք՝ ըսաւ. – Ականջ ունեցողը թող լսէ։ Աշակերտները հարցուցին Յիսուսի, թէ ի՛նչ է առակին իմաստը։ Յիսուս պատասխանեց. – Դուք պէտք է գիտնաք Աստուծոյ արքայութեան գաղտնիքները, բայց ուրիշներուն առակներով կը յայտնուի, այնպէս որ «նային՝ բայց չտեսնեն, լսեն՝ բայց չհասկնան»։ Իսկ առակին իմաստը հետեւեալն է.է Սերմը Աստուծոյ խօսքն է։ Ճամբուն եզերքը գտնուող հողը պատկերն է այն մարդոց, որոնք կը լսեն, սակայն Սատանան գալով անոնց սիրտէն կը հանէ Աստուծոյ խօսքը, որպէսզի չհաւատան եւ չփրկուին։ Ժայռոտ հողը նմանութիւնն է անոնց, որոնք երբ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը՝ ուրախութեամբ կ՚ընդունին. սակայն ասոնք արմատ չունին, այսինքն՝ ժամանակուան մը համար կը հաւատան եւ փորձութեան ժամանակ կը հեռանան։ Փուշերով ծածկուած հողը կը նմանի այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն, սակայն երկրաւոր կեանքի հոգերը, հարստութիւնը եւ հաճոյքները, որոնցմով կ՚ապրին՝ կը խեղդեն իրենց մէջ ինկած սերմերը եւ անպտուղ կը դառնան։ Իսկ պարարտ հողը կը նմանի այն մարդոց, որոնք բարի եւ ուրախ սիրտով կը լսեն Աստուծոյ խօսքը ու կ՚ընդունին զայն, եւ յարատեւելով՝ պտուղ կու տան։ – Ոչ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը պահէ կաթսայի տակ եւ կամ կը դնէ մահիճի տակ. ընդհակառակը, զայն աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։ Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ կամ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի եւ երեւան չգայ։ Ուրեմն ուշադիր եղէք թէ ի՛նչպէս կ՚ընդունիք այս խօսքերը, որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի նոյնիսկ այն՝ ինչ որ կը կարծէ թէ ունի։ Յիսուսիմայրնուեղբայրները իրեն եկան, բայց խուռնբազմութեանպատճառով չկրցան իրեն մօտենալ։ Լուր տուին իրեն, ըսելով. – Մայրդ եւ եղբայրներդ դուրսն են եւ կ՚ուզեն քեզ տեսնել։ Յիսուս ըսաւ. – Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն։ Օր մը Յիսուս նաւակ ելաւ իր աշակերտներուն հետ եւ անոնց ըսաւ. – Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք։ Ու ճամբայ ելան։ Մինչ աշակերտները կը նաւարկէին, Յիսուս քնացաւ։ Յանկարծ զօրաւոր փոթորիկ մը փչեց լիճին վրայ. ալիքները նաւակին մէջ կը թափէին. բոլորն ալ վտանգի մէջ էին։ Աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ արթնցուցին զինք, ըսելով. – Վարդապե՛տ, Վարդապե՛տ, ահա կը կորսուինք։ Յիսուս ոտքի ելաւ, սաստեց հովը եւ ալեկոծեալ ջուրերը, որոնք հանդարտեցան եւ խաղաղութիւն տիրեց։ Ապա աշակերտներուն ըսաւ. – Ո՞ւր է ձեր հաւատքը։ Անոնք սարսափած՝ հիացումով իրարու ըսին. – Ո՞վ է արդեօք այս մարդը, որովհետեւ կը հրահանգէ հովերուն եւ ալիքներուն, եւ կը հնազանդին իրեն։ Ապանաւարկեցինեւ հասան Գերգեսացիներու երկիրը, լիճին միւս կողմը, Գալիլեայի դիմացը։ Յիսուս հազիւ ցամաք ելած էր, ահա իրեն հանդիպեցաւ քաղաքէն մէկը, որ չար ոգիներ ունէր ներսիդին։ Այս մարդը երկար ատենէ ի վեր հագուստ չէր հագներ եւ տան մէջ չէր բնակեր, այլ՝ ժայռափոր գերեզմաններու մէջ։ Ասիկա երբ տեսաւ Յիսուսը, աղաղակելով ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ եւ բարձրաձայն ըսաւ. – Ինձմէ ի՞նչ կ՚ուզես, Յիսո՛ւս, բարձրեալ Աստուծոյ Որդին, կ՚աղաչեմ քեզի, մի՛ տանջեր զիս։ Որովհետեւ Յիսուս չար ոգիին հրամայած էր որ դուրս ելլէ այդ մարդուն մէջէն։ Երկար ժամանակէ ի վեր չար ոգին տիրացած էր անոր, եւ այդ պատճառով՝ շղթայով կապած էին անոր ոտքերն ու ձեռքերը։ Սակայն դիւահարը կը փշրէր շղթաները եւ չար ոգին զինք դէպի անբնակվայրեր կը տանէր։ Յիսուս անոր հարցուց. – Ի՞նչ է անունդ։ – Լէգէոն,– ըսաւ։ Որովհետեւ շատ մը ոգիներ մտած էին իր մէջ եւ կ՚աղաչէին Յիսուսի, որ իրենց չհրամայէ՝ դեւերուն սահմանուած անդունդը երթալ։ Հոն խոզերու մեծ երամակ մը կար, որ լերան վրայ կ՚արածէր։ Չար ոգիները աղաչեցին Յիսուսի, որ իրենց հրամայէ խոզերուն մէջ մտնել։ Եւ Յիսուս արտօնեց։ Չար ոգիները մարդուն մէջէն ելլելով՝ մտան խոզերուն մէջ, եւ խոզերու երամակը գահավէժ խուժեց դէպի լիճ եւ խեղդուեցաւ։ Խոզարածները երբ պատահածը տեսան, փախան եւ քաղաքին ու ագարակներուն մէջ պատմեցին։ Ժողովուրդը գնաց տեսնելու թէ ի՛նչ պատահած էր։ Եկան Յիսուսի մօտ, եւ երբ տեսան որ մարդը, որմէ չար ոգիները դուրս ելած էին, նստած էր Յիսուսի ոտքերուն մօտ՝ հագուստներ հագած եւ զգաստացած, վախցան։ Ականատեսները անոնց պատմեցին թէ ի՛նչպէս դիւահարը բժշկուած էր։ Գերգեսացիներու շրջանի բոլոր բնակիչները կ՚աղաչէին Յիսուսի, որ հեռանայ իրենց սահմաններէն, քանի սաստիկ վախցած եւ տագնապի մէջ էին։ Ուստի Յիսուս նաւակ մտաւ եւ վերադառնալու վրայ էր, երբ մարդը, որմէ չար ոգիներ ելած էին, աղաչեց Յիսուսի, որ իրեն հետ երթայ։ Բայց Յիսուս զինք ետ ղրկեց, ըսելով. է Տունդ դարձիր եւ պատմէ ինչ որ Աստուած քեզի ըրաւ։ Ան ալ գնաց եւ ամբողջ քաղաքին մէջ պատմեց ինչ որ Յիսուս ըրած էր իրեն։ Երբ Յիսուս Գալիլեա վերադարձաւ, ժողովուրդը զինք դիմաւորեց, քանի բոլորն ալ իրեն կը սպասէին։ Եւ ահա Յայրոս անունով մէկը, որ ժողովրդապետ էր, ինկաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ կ՚աղաչէր որ իր տունը գայ, որովհետեւ իր մէկ հատիկ աղջիկը, որ տասներկու տարեկան էր, մահամերձ էր։ Եւ մինչ Յիսուս կ՚երթար, ժողովուրդը չորս կողմէն զինք կը նեղէր։ Կին մը, որ տասներկու տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր եւ հակառակ որ իր ամբողջ ունեցածը բժիշկներու ծախսեր էր՝ ո՛չ մէկը կրցած էր զինք բժշկել, ետեւէն մօտեցաւ եւ դպաւ Յիսուսի հագուստին քղանցքին։ Նոյն վայրկեանին արիւնահոսութիւնը դադրեցաւ։ Յիսուս հարցուց. – Ո՞վ դպաւ ինծի։ Բոլորն ալ կ՚ուրանային։ Պետրոս եւ իրեն ընկերակցողները ըսին. – Վարդապե՛տ, ժողովուրդը չորս կողմէն կը հրէ ու կը հրմշտկէ քեզ, եւ դուն ալ կ՚ըսես՝ «Ո՞վ դպաւ ինծի»։ Յիսուս ըսաւ. – Մէկը դպաւ ինծի, որովհետեւ զգացի որ ինձմէ զօրութիւն մը դուրս եկաւ։ Երբ կինը տեսաւ թէ չէր կրնար եղածը Յիսուսէն ծածուկ պահել, դողալով եկաւ ինկաւ անոր ոտքերուն առջեւ եւ բոլորին դիմաց ըսաւ, թէ ինչո՛ւ համար դպած էր անոր եւ թէ ի՛նչպէս վայրկեանին բժշկուած էր։ Յիսուս անոր ըսաւ. – Աղջիկս, քաջալերուէ՛, հաւատքդ քեզ փրկեց. խաղաղութեամբ գնա։ Մինչ Յիսուս կը խօսէր, ժողովրդապետին տունէն մէկը եկաւ եւ անոր ըսաւ. – Աղջիկդ մեռաւ, այլեւս մի՛ յոգնեցներ Վարդապետը։ Յիսուս ասիկա լսելով՝ըսաւ ժողովրդապետին. – Մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի։ Երբ Յիսուս ժողովրդապետին տունը հասաւ, չձգեց որ ոեւէ մէկը ներս մտնէ՝ բացի Պետրոսէն, Յակոբոսէն, Յովհաննէսէն եւ աղջկան հօրմէն ու մօրմէն։ Ներս գտնուողները բոլորն ալ կու լային ու կ՚ողբային։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Մի՛ լաք, աղջիկը մեռած չէ, այլ կը քնանայ։ Անոնք զինք կը ծաղրէին, որովհետեւ գիտէին որ աղջիկը մեռած է։ Յիսուս բոլորն ալ դուրս հանեց, ապա բռնեց աղջկան ձեռքէն եւ բարձրաձայն ըսաւ. – Աղջի՛կս, ոտքի՛ ել։ Անմիջապէս անոր հոգին վերադարձաւ եւ ոտքի կանգնեցաւ։ Ապա Յիսուս հրամայեց որ ուտելիք տան աղջկան, մինչ ծնողները ապշահար եղած էին։ Յիսուս անոնց պատուիրեց որ պատահածին մասին ոեւէ մէկուն բան չըսեն։ Յիսուս կանչեց տասներկու աշակերտները եւ անոնցզօրութիւն եւ իշխանութիւն տուաւ բոլոր չար ոգիները հանելու եւ հիւանդութիւնները բժշկելու։ Ապա զանոնք ղրկեց որ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեն եւ հիւանդները բժշկեն։ Եւ անոնց ըսաւ. – Ճամբու համար ձեզի հետ ո՛չ մէկ բան առէք. ո՛չ գաւազան, ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց, ո՛չ դրամ, ո՛չ ալ աւելորդ հագուստ ունեցէք։ Ո՛ր տունը որ մտնէք, հոն իջեւանեցէք՝ մինչեւ որ մեկնիք հոնկէ։ Իսկերբ դուրս ելլէք այն քաղաքէն, որուն բնակիչները ձեզ չեն ընդունած, ձեր ոտքի փոշին թօթուեցէք՝ իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։ Աշակերտները մեկնելով՝ սկսան շրջիլ քաղաքներն ու գիւղերը՝ Աւետարանը քարոզելով եւ հիւանդները բժշկելով ամէն տեղ։ Երբ Հերովդէս չորրորդապետ լսեց բոլոր պատահածները, զարմանքի մատնուեցաւ, որովհետեւ ոմանք կ՚ըսէին՝ թէ Յովհաննէս Մկրտիչ մեռելներէն յարութիւն առեր է, ուրիշներ կ՚ըսէին՝ թէ Եղիան յայտնուեր է եւ ոմանք ալ՝ թէ նախկին մարգարէներէն մէկը յարութիւն առեր է։ Հերովդէս ըսաւ. – Յովհաննէսը ես գլխատել տուի, իսկ ասիկա ո՞վ է, որուն մասին այս տեսակ բաներ կը լսեմ։ Եւ կ՚ուզէր Յիսուսը տեսնել։ Առաքեալները վերադարձան եւ ի՛նչ որ ըրած էին՝ պատմեցին Յիսուսի։ Յիսուս զանոնք առաւ եւ քաշուեցաւ Բեթսայիդա քաղաքին մօտիկ ամայի վայր մը։ Ժողովուրդը երբ գիտցաւ՝ հետեւեցաւ իրեն։ Յիսուս ընդունեց զանոնք եւ սկսաւ անոնց քարոզել Աստուծոյ արքայութեան մասին։ Իսկ անոնք որոնք բժշկութեան պէտք ունէին՝ բժշկեց։ Երբ օրը կ՚իրիկնանար, տասներկու աշակերտները մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին. – Արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերն ու ագարակները, հանգչին եւ ուտելիք գտնեն, որովհետեւ հոս ամայի տեղ ենք։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը։ Անոնք ըսին. – Ամբողջ մեր ունեցածը հինգ հաց եւ երկու ձուկ է. բայց եթէ կ՚ուզես՝ կ՚երթանք ժողովուրդին համար բաւականաչափ կերակուր կը գնենք։ Որովհետեւ շուրջ հինգ հազար մարդ կար։ Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ. – Նստեցուցէք զանոնք յիսունական հոգինոց խումբերով։ Անոնք կատարեցին հրահանգը եւ նստեցուցին բոլորն ալ։ Ապա Յիսուս առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ՝ որ բաժնեն ժողովուրդին։ Բոլորն ալ կերան ու կշտացան, եւ աշակերտները աւելցած կտորները հաւաքելով՝ տասներկու սակառ լեցուցին։ Օր մը Յիսուս առանձին կ՚աղօթէր։ Իրեն հետ էին նաեւ իր աշակերտները ։ Անոնց հարցուց. – Ժողովուրդը իմ մասիս ի՞նչ կ՚ըսէ. ո՞վ եմ ես։ Անոնք պատասխանեցին. – Ոմանք կ՚ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ոմանք՝ Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն թէ նախկին մարգարէներէն մէկն ես, որ յարութիւն առած է։ Յիսուս հարցուց անոնց, – Իսկ դո՞ւք ինչ կ՚ըսէք իմ մասիս։ Պետրոս պատասխանեց. – Դուն Աստուծոյ Օծեալն ես, Քրիստոսը ։ Յիսուս խստիւ պատուիրեց անոնց, որ ոեւէ մէկուն չըսեն ասիկա։ Ապա աւելցուց. – Մարդու Որդին պէտք է որ շատ չարչարուի եւ մերժուի աւագ քահանաներէն, երէցներէն եւ Օրէնքի ուսուցիչներէն. զինք պիտիսպաննեն, եւ սակայն երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ։ Եւ բոլորին ըսաւ. – Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցէ զայն, եւ ով որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն։ Ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ կամ ինքզինքին վնասէ։ Ով որ զիս եւ կամ խօսքերս ընդունիլը ամօթ նկատէ՝ Մարդու Որդին ալ զայն ընդունիլը ամօթ պիտի նկատէ, երբ գայ իր փառքով, ինչպէս նաեւ իր Հօր եւ սուրբ հրեշտակներուն փառքով։ Արդարեւ կ՚ըսեմ ձեզի, թէ հոս գտնուողներէն ոմանք պիտի չմեռնին՝ մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Այս խօսքերը ըսելէ շուրջ ութը օրեր ետք, Յիսուս իր հետ առնելով Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, լեռ ելաւ աղօթելու։ Եւ մինչ կ՚աղօթէր, անոր դէմքը այլակերպեցաւ եւ հագուստը փայլուն սպիտակ գոյն առաւ։ Պետրոսի եւ իրեն ընկերացողներուն աչքերը քունով ծանրացած էին, բայց սթափեցան եւ տեսան Յիսուսի փառքը եւ երկու մարդիկը, որոնք անոր հետ էին։ Երբ Մովսէս ու Եղիա կը մեկնէին, Պետրոս ըսաւ Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, լաւ է որ հոս մնանք. երեք վրաններ շինենք՝ մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար։ Սակայն չէր գիտեր թէ ի՞նչ կ՚ըսէր։ Տակաւին Պետրոս կը խօսէր, երբ ամպ մը եկաւ եւ շուքի տակ առաւ զանոնք։ Աշակերտները վախցան, երբ ամպը ծածկեց զիրենք։ Ամպին մէջէնլսուեցաւ ձայն մը, որ կ՚ըսէր. – Ա՛յս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք։ Մինչ այս ձայնը կը լսուէր, Յիսուս առանձին էր։ Աշակերտները այդ օրերուն լուռ մնացին եւ ոեւէ մէկուն չպատմեցին իրենց տեսածներուն մասին։ Յաջորդ օր, երբ Յիսուս իր երեք աշակերտներով լեռնէն կ՚իջնէր, խուռն բազմութիւն մը դէմը ելաւ։ Ժողովուրդէն մէկը բարձրաղաղակ ըսաւ. է Վարդապե՛տ, կ՚աղաչե՜մ, նայէ՛ զաւակիս, մէկ հատիկս է։ Չար ոգին կը բռնէ զինք եւ յանկարծ պոռալ կու տայ. կը զգետնէ զինք, տապլտկիլ կու տայ՝ բերանը փրփրեցնելով եւ դժուարաւ կը հեռանայ իրմէ՝ խորտակելէ ետք զինք։ Աշակերտներէդ խնդրեցի որ հանեն չար ոգին, բայց չկրցան։ Յիսուս պատասխանեց. – Ո՜վ անհաւատ եւ մոլորեալ սերունդ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի ըլլամ. մինչեւ ե՞րբ ձեզի պիտի հանդուրժեմ։ Հո՛ս բեր զաւակդ։ Մինչ տղան կը մօտենար, չար ոգին զայն զգետնեց եւ զօրաւոր կերպով ցնցեց։ Յիսուս սաստեց չար ոգին եւ տղան բժշկելով յանձնեց հօրը։ Բոլորն ալ հիացած մնացին Աստուծոյ մեծ զօրութեան վրայ։ Մինչ ժողովուրդը կը զարմանար Յիսուսի կատարած գործերուն վրայ, իր աշակերտներուն դառնալով ըսաւ. – Լաւ մտիկ ըրէք եւ մի՛ մոռնաք ասիկա. Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը։ Սակայն աշակերտները չհասկցան խօսքին իմաստը, որովհետեւ Աստուած իրենցմէ ծածկած էր՝ որպէսզի չհասկնան։ Միւս կողմէ ալ՝ կը վախնային իրեն հարցնելու այս մասին։ Աշակերտները սկսան վիճաբանիլ թէ իրենցմէ ո՞վ է մեծը։ Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումը, մանուկ մը առաւ եւ իր քով կանգնեցնելով՝ ըսաւ. – Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ընդունած կ՚ըլլայ զիս ղրկողը։ Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը։ Յովհաննէս ըսաւ. – Վարդապե՛տ, մէկը տեսանք որ քու անունովդ չար ոգիներ կը հանէր եւ մենք արգիլեցինք իրեն, որովհետեւ մեզի հետ չի շրջիր։ Յիսուս ըսաւ. – Արգելք մի՛ ըլլաք իրեն. որովհետեւ ան որ հակառակ չէ ձեզի, կը նշանակէ թէ ձեր կողմն է։ Եւ երբ աշխարհէն վերանալու ժամանակը հասաւ, Յիսուս որոշեց Երուսաղէմ երթալ։ Իրմէ առաջ պատգամաւորներ ղրկեց, որոնք գացին եւ մտան Սամարիայի գիւղերէն մէկը՝ պատրաստութիւն տեսնելու համար։ Սակայն ժողովուրդը զինք չընդունեց, քանի Յիսուս դէպի Երուսաղէմ կ՚ուղղուէր։ Երբ իր աշակերտներէն Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը տեսան ասիկա, ըսին. – Տէ՛ր, կ՚ուզե՞ս ըսենք որ երկինքէն կրակ տեղայ եւ սպաննէ զանոնք։ Յիսուս դարձաւ, յանդիմանեց զիրենք, ըսելով. – Չէ՛ք գիտեր թէ ի՛նչ տեսակ հոգիի կը պատկանիք։ Որովհետեւ Մարդու Որդին չեկաւ մարդիկը կորսնցնելու, այլ՝ զանոնք փրկելու։ Եւ ուրիշ գիւղ մը գացին։ Մինչ ճամբու վրայ էին, մէկը ըսաւ Յիսուսի. – Ուր որ երթաս՝ ետեւէդ պիտի գամ։ Յիսուս պատասխանեց. – Աղուէսները որջ ունին, երկինքի թռչունները՝ բոյն, սակայն Մարդու Որդին գլուխը հանգչեցնելիք տեղ չունի։ Ուրիշի մըն ալ ըսաւ. – Հետեւէ՛ ինծի։ Ան ըսաւ. – Տէ՛ր, թոյլ տուր որ նախ երթամ եւ թաղեմ հայրս։ Յիսուս պատասխանեց. – Ձգէ՛ որ մեռելները թաղեն իրենց մեռելները, իսկ դուն գնա՛ եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզէ։ Ուրիշ մը ըսաւ. – Տէ՛ր, պիտի հետեւիմ քեզի, բայց թոյլ տուր որ նախ երթամ ընտանիքէս հրաժեշտ առնեմ։ Յիսուս պատասխանեց. – Ան որ ձեռքը մաճին կը դնէ եւ ետ կը նայի, յարմար չէ Աստուծոյ թագաւորութեան։ Այսդէպքէնետք՝Յիսուս եօթանասուներկու աշակերտներ եւս նշանակեց եւ զանոնք զոյգ–զոյգ իրմէ առաջ ղրկեցիր երթալիք բոլոր քաղաքներն ու շրջանները։ Անոնց ըսաւ. – Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ. հետեւաբար խնդրեցէք հունձքի Տիրոջմէն, որ իր հունձքին համար մշակներ պատրաստէ եւ ղրկէ։ Գացէ՛ք, ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ գառնուկներ՝ գայլերու մէջ։ Ո՛չ քսակ առէք ձեզի հետ, ո՛չ ճամբու պարկ, ո՛չ կօշիկ։ Ճամբու ընթացքին կենալով ոեւէ մէկուն բարեւ մի՛ տաք։ Ո՛ր տունը որ մտնէք՝ նախ ըսէք՝ «Խաղաղութիւն այս տան»։ Եթէ այդ տան մէջ խաղաղասէր մարդ ըլլայ՝ ձեր ողջոյնին խաղաղութիւնը անոր վրայ պիտի հանգչի, ապա թէ ոչ՝ ձեր ողջոյնը պիտի վերադառնայ ձեզի։ Ձեր իջեւանած տան մէջ մնացէք. եւ հոն, ինչ որ ձեզի տան՝ կերէք ու խմեցէք, որովհետեւ մշակը իր վարձքին արժանի է։ Տունէ տուն մի՛ տեղափոխուիք։ Ո՛ր քաղաքը որ մտնէք եւ ձեզ ընդունին, կերէք ինչ որ հրամցնեն ձեզի։ Եթէ հոն հիւանդներ կան՝ բժշկեցէք զանոնք եւ ըսէք ժողովուրդին. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է ձեզի»։ Իսկ այն քաղաքը, ուր կը մտնէք եւ որուն բնակիչները ձեզ չեն ընդունիր, այդ քաղաքին հրապարակները ելլելով՝ ըսէք. «Նոյնիսկ ձեր քաղաքի փոշին, որ մեր ոտքերուն փակած է, կը թօթուենք ձեր վրայ։ Բայց գիտցէք, որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտեցած է»։ $եզի կ՚ըսեմ, որ Դատաստանի օրը Սոդոմի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան թէ այդ քաղաքինը։ – Վա՜յ քեզի, Քորազի՛ն, վա՜յ քեզի, Բեթսայիդա՛, եթէ այն հրաշքնեըը որոնք ձեր մէջ գործուեցան՝ կատարուէին Տիւրոսի եւ Սիդոնի մէջ, անոնց բնակիչները շատոնց քուրձ հագնելով եւ մոխիրի վրայ նստելով՝ ապաշխարած պիտի ըլլային։ Սակայն դատաստանի օրը Տիւրոսի եւ Սիդոնի բնակիչներուն պատիժը աւելի թեթեւ պիտի ըլլայ, քան ձերը։ Իսկ դուն, Կափառնաո՛ւմ, որ մինչեւ երկինք բարձրացեր ես, գիտցիր՝ որ մինչեւ դժոխք պիտի իջնես։ Ապա ըսաւ իր աշակերտներուն. – Ով որ ձեզ լսէ՝ զիս լսած կ՚ըլլայ, եւ ով որ ձեզ մերժէ՝ զիս մերժած կ՚ըլլայ, իսկ ով որ զիս մերժէ՝ մերժած կ՚ըլլայ զիս ղրկողն ալ։ Եօթանասուներկու աշակերտները ուրախութեամբ վերադարձան եւ ըսին Յիսուսի. – Տէ՛ր, նոյնիսկ չար ոգիները մեզի կը հնազանդին, երբ քու անունովդ կը հրամայենք։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Տեսայ Սատանան՝ կայծակի նման երկինքէն վար ինկած։ Ահա ձեզի իշխանութիւն տուի կոխկռտելու օձերն ու կարիճները, ինչպէս նաեւ յաղթահարելու թշնամիին զօրութիւնը, եւ ոեւէ բան պիտի չվնասէ ձեզի։ Սակայն մի՛ ուրախանաք որ չար ոգիները կը հնազանդին ձեզի, այլ ուրախացէք որ ձեր անունները երկինքի մէջ գրուած են։ Նոյն ժամուն Յիսուս Սուրբ Հոգիին պարգեւած ուրախութեամբ ըսաւ. – Հա՜յր, երկինքի եւ երկրի Տէր, շնորհակալ եմ քեզի, որ այս բաները պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն եւ յայտնեցիր պարզ ու համեստ մարդոց։ Այո՛, Հա՛յր, դուն այսպէս ուզեցիր։ Հայրս ամէն ինչ տուած է ինծի։ Ոչ ոք կը ճանչնայ Որդին՝ բացի Հօրմէն, եւ ոչ ոք կը ճանչնայ Հայրը՝ բացի Որդիէն, կամ բացի անկէ՝ որուն յայտնել ուզէ Որդին։ Յետոյ դառնալով իր աշակերտներուն՝ առանձին ըսաւ. – Երանի՜ այն աչքերուն, որոնք ձեր տեսածները կը տեսնեն։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ շատ մը մարգարէներ եւ թագաւորներ ուզեցին ձեր տեսածները տեսնել, բայց չտեսան, եւ ձեր լսածները լսել՝ բայց չլսեցին։ Օրէնքի ուսուցիչ մը ելաւ եւ Յիսուսը փորձելու համար ըսաւ. – Վարդապե՛տ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։ Յիսուս ըսաւ. – Օրէնքի գիրքին մէջ գրուածը ի՞նչ է. ինչպէ՞ս կը հասկնաս։ Ան պատասխանեց. – «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ զօրութեամբդ եւ ամբողջ մտքովդ» եւ «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Յիսուս ըսաւ. – Ճիշդ պատասխան տուիր։ Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս։ Բայց անիկա ինքզինք արդարացնել ուզելով, ըսաւ Յիսուսի. – Բայց ո՞վ է իմ ընկերս։ Այս հարցումին վրայ Յիսուս ըսաւ. – Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ՚իջնէր։ Ճամբան աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք կողոպտելով՝ մերկացուցին զինք, վիրաւորեցին եւ կիսամահ վիճակի մէջ ձգեցին ու գացին։ Պատահեցաւ որ քահանայ մը նոյն ճամբայէն կ՚անցնէր։ Տեսաւ վիրաւորը, բայց ճամբան շեղելով՝ անցաւ գնաց։ Ղեւտացի մըն ալ նոյն տեղէն անցնելու ատեն՝ տեսաւ վիրաւորը եւ ինքն ալ շրջանցեց գնաց։ Բայց Սամարացի մը, որ հոնկէ կ՚անցնէր, տեսաւ վիրաւորը եւ գթաց անոր։ Մօտեցաւ եւ վէրքերը փաթթեց՝ անոնց վրայ ձէթ եւ գինի դնելով. ապա դրաւ իր գրաստին վրայ եւ տարաւ պանդոկ մը ու զայն խնամեց։ Յաջորդ օր, երբ պանդոկէն պիտի մեկնէր, պանդոկապետին երկու արծաթ դահեկան տուաւ եւ ըսաւ. «Խնամէ՛ զայն, եւ ինչ ծախս որ ընես իրեն համար՝ յաջորդ գալուս կը վճարեմ»։ Յետոյ Յիսուս հարցուց. – Արդ, քու կարծիքովդ՝ այս երեքէն ո՞ր մէկը եղաւ աւազակներուն ձեռքը ինկողին ընկերը։ Օրէնքի ուսուցիչը ըսաւ. – Ան՝ որ հոգ տարաւ անոր։ Յիսուս ըսաւ. – Գնա՛, դո՛ւն ալ նոյնը ըրէ։ Մինչ իրենց ճամբան կը շարունակէին, Յիսուս գիւղ մը մտաւ։ Հոն Մարթա անունով կին մը ընդունեց զինք իր տան մէջ։ Ասիկա քոյր մը ունէր, Մարիամ անունով, որ եկաւ եւ Տիրոջ ոտքերուն քով նստելով՝ սկսաւ անոր խօսքերը մտիկ ընել, մինչ Մարթա սեղանի պատրաստութեամբ չափազանց զբաղած էր։ Ուստի Մարթա եկաւ Յիսուսի մօտ եւ ըսաւ. – Տէ՛ր, հոգդ չէ՞ որ քոյրս առանձին ձգած է զիս գործիս մէջ. ըսէ՛ իրեն, որ օգնէ ինծի։ Յիսուս պատասխանեց. – Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար կը մտահոգուիս ու կը նեղուիս։ Սակայն մէկ բան պէտք է։ Մարիամ լաւ բաժինը ընտրեց, բան մը՝ որ բնաւ ետ պիտի չառնուի իրմէ։ Պատահեցաւոր Յիսուս տեղմը կ՚աղօթէր։ Երբ աղօթելը վերջացուց, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ. – Տէ՛ր, մեզի աղօթել սորվեցուր, ինչպէս որ Յովհաննէս Մկրտիչ իր աշակերտներուն սորվեցուց։ Յիսուս ըսաւ. – Երբ կ՚աղօթէք, ըսէք. «Հա՜յր մեր, սրբաբանուի՛ անունդ. թող գայ արքայութիւնդ։ Ամենօրեայ մեր հացը շնորհէ՛ մեզի օրէ օր։ Եւ ներէ՛ մեր մեղքերը, քանի մենք ալ կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են։ Եւ թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք»։ Եւ ապա շարունակեց. Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը բարեկամ մը ունի, որուն կը դիմէ գիշեր ատեն եւ կ՚ըսէ. «Բարեկա՛մ, ինծի երեք հաց փոխ տուր, որովհետեւ ճամբորդ բարեկամ մը տունս իջեւանեցաւ եւ ես հրամցնելիք բան չունիմ »։ Անիկա ներսէն կը պատասխանէ, ըսելով. «Մի՛ յոգնեցներ զիս. դռները արդէն իսկ գոցած եմ եւ փոքրիկներս քովս անկողինին մէջ են. հետեւաբար չեմ կրնար ելլել տալ քեզի»։ Վստահ եղէք, որ նոյնիսկ եթէ բարեկամութեան սիրոյն չելլէ եւ անոր ուզածը չտայ, սակայն թախանձանքներուն տեղի տալով՝ պիտի կատարէ անոր խնդրանքը։ Ես ալ ձեզի կ՚ըսեմ.է Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։ Որովհետեւ խնդրողը կը ստանայ, փնտռողը կը գտնէ եւ բաղխողին առջեւ դուռը պիտի բացուի։ Ձեր մէջ կա՞յ հայր մը, որուն զաւակը ձուկ ուզէ եւ ինք ձուկին փոխարէն օձ տայ անոր, եւ կամ կարիճ տայ՝ երբ զաւակը հաւկիթ խնդրէ։ Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւ մը՝ Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն։ Օր մը Յիսուս կը բժշկէր դիւահար մը, որ համր էր։ Երբ չար ոգին դուրս ելաւ՝ մարդը խօսեցաւ, եւ ժողովուրդը զարմացաւ։ Բայց անոնցմէ ոմանք ըսին. – Դեւերու իշխանին՝ Բէեղզեբուղին զօրութեամբ է որ անիկա չար ոգիները դուրս կը հանէ։ Ուրիշներ ալ զինք ծուղակը ձգելու համար կ՚ուզէին որ հրաշք մը գործէ՝ երկինքէն իր վկայուած ըլլալը ցոյց տալու համար։ Յիսուս գիտցաւ անոնց մտածումը եւ ըսաւ. – Ոեւէ թագաւորութիւն որ ինքն իր մէջ բաժան–բաժան կ՚ըլլայ՝ կը կործանի. նոյնպէս ալ, ընտանիք մը որ ինքն իր մէջ բաժնուած է՝ կը քանդուի։ Հետեւաբար, եթէ Սատանան ինքն իր մէջ բաժան–բաժան եղած է, ինչպէ՞ս ուրեմն անոր թագաւորութիւնը կանգուն կրնայ մնալ։ Կ՚ըսէք թէ ես Բէեղզեբուղին զօրութեամբ չար ոգիները կը հանեմ։ Աղէկ, եթէ այդպէս է՝ ձեր հետեւորդնե՞րը ինչով դուրս պիտի հանեն զանոնք։ Ուրեմն, ձեր իսկ հետեւորդները ձեզ պիտի դատապարտեն։ Իսկ եթէ ես Աստուծոյ զօրութեամբ չար ոգիները կը հանեմ, կը նշանակէ թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը արդէն հասած է ձեզի։ Երբ զօրաւոր մէկը, լաւապէս զինուած, իր տան կը հսկէ, իր ստացուածքը ապահով կը մնայ։ Սակայն եթէ անկէ զօրաւոր մէկը յարձակի եւ պարտութեան մատնէ զայն՝ կը գրաւէ անոր բոլոր զէնքերը, որոնց վրայ անիկա իր յոյսը դրած էր, եւ աւարն ալ կը բաշխէ։ Ով որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է. եւ ով որ ինծի հետ չի հաւաքեր՝ կը ցրուէ։ – Երբ չար ոգի մը դուրս կ՚ելլէ մարդու մը մէջէն, կ՚երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար։ Երբ չի գտներ, ինքնիրեն կ՚ըսէ. «Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ»։ Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ մաքուր եւ յարդարուած։ Ապա կ՚երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ՚ըլլայ։ Եւ մինչ Յիսուս կը խօսէր, բազմութեան մէջէն կին մը բարձրաձայն ըսաւ. – Երանի՜ այն կնոջ, որ քեզ յղացաւ եւ դիեցուց։ Յիսուս պատասխանեց. – Մանաւանդ երանի՜ անոնց՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն զայն։ Երբ ժողովուրդը սկսաւ խռնուիլ Յիսուսի շուրջ, անիկա սկսաւ ըսել. – Այս սերունդը չար սերունդ է. նշան կը խնդրէ, բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր։ Եւ ինչպէս Յովնան Նինուէացիներուն նշան եղաւ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին այս սերունդին նշան պիտի ըլլայ։ Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին այս սերունդի մարդոց դիմաց պիտի կանգնի եւ պիտի դատապարտէ զիրենք, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար։ Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։ Դատաստանի օրը Նինուէացիները այս սերունդի մարդոց դիմաց պիտի կանգնին եւ պիտի դատապարտեն զիրենք, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար։ Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։ – Ոեւէ մէկը ճրագը վառելէ ետք չի պահեր կամ կաթսայի տակ չի դներ, այլ աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։ Աչքն է մարմնին ճրագը. երբ աչքդ առողջ է՝ ամբողջ մարմինդ լուսաւոր կ՚ըլլայ, իսկ երբ աչքդ վատառողջ է՝ ամբողջ մարմինդ խաւար կ՚ըլլայ։ Ուրեմն զգո՜յշ, չըլլա՜յ թէ քու մէջդ եղող լոյսը խաւարի։ Եթէ ամբողջ մարմինդ լուսաւոր է, առանց խաւարի մասնիկ մը ունենալու, այն ատեն ամէն ինչ լուսաւոր պիտի ըլլայ, այնպէս՝ ինչպէս երբ ճրագը իր շողերով կը լուսաւորէ քեզ։ Տակաւին Յիսուս կը խօսէր, երբ Փարիսեցի մը խնդրեց իրմէ որ իր տունը ճաշի գայ։ Յիսուս ներս մտաւ եւ սեղան բազմեցաւ։ Երբ Փարիսեցին ասիկա տեսաւ՝ զարմացաւ, որովհետեւ ճաշելէ առաջ Յիսուս չլուացուեցաւ։ Տէրը ըսաւ անոր. – Հիմադուք՝ Փարիսեցիներդ, գաւաթին եւ պնակին արտաքինը մաքրելու մտահոգ էք, մինչ ձեր ներսը յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ լեցուն է։ Անմիտնե՛ր, ան որ արտաքինը ստեղծեց, ներքինն ալ ինք չստեղծե՞ց։ Բայց ինչ որ կրնաք՝ տուէք իբրեւ ողորմութիւն, եւ ահա ամէն ինչ մաքուր պիտի ըլլայ ձեզի համար։ Վա՜յ ձեզի, Փարիսեցինե՛ր, որ անանուխին, փեգենային եւ այլ կանաչեղէններուն տասանորդը կու տաք, բայց կ՚անտեսէք Աստուծոյ արդարութիւնն ու սէրը։ Ասոնք պէտք էր գործադրել, առանց միւսները անտեսելու։ Վա՜յ ձեզի, Փարիսեցինե՛ր, որ ժողովարաններուն մէջ պատուոյ աթոռները նստիլ կը սիրէք, ինչպէս նաեւ հրապարակներու վրայ յարգալից բարեւներ ընդունիլ։ Վա՜յ ձեզի, որովհետեւ կը նմանիք գերեզմաններու, որոնք չեն նշմարուիր եւ որոնց վրայէն մարդիկ կ՚անցնին՝ առանց գերեզման ըլլալը գիտնալու։ Ասոր վրայ Օրէնքի ուսուցիչներէն մէկը ըսաւ Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, այս խօսքերը ըսելով մե՛զ ալ անարգած կ՚ըլլաս։ Յիսուս պատասխանեց. – Վա՜յ ձեզի ալ, Օրէնքի՛ ուսուցիչներ, որ դժուարակիր բեռներ կը դնէք մարդոց ուսերուն եւ դուք ձեր մատին ծայրովն իսկ չէք օգներ այդ բեռները կրելու։ Վա՜յ ձեզի, որովհետեւ մարգարէներուն դամբարանները կը շինէք, մինչդեռ ձեր հայրերն էին որ զանոնք սպաննեցին։ Ահաւասիկ արդէն իսկ կը վկայէք թէ համաձայն էք ձեր հայրերու գործերուն։ Անոնք մարգարէները սպաննեցին, իսկ դուք անոնց դամբարանները կը շինէք։ Ասոր համար Աստուծոյ իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Անոնց մարգարէներ եւ պատգամաւորներ պիտի ղրկեմ, եւ իրենք պիտի սպաննեն անոնցմէ ոմանք եւ հալածեն միւսները»։ Հետեւաբար Աստուած այս սերունդէն պիտի առնէ աշխարհի սկիզբէն ի վեր՝ բոլոր մարգարէներուն թափուած արեան վրէժը, Աբելի արիւնէն մինչեւ արիւնը Զաքարիայի, որ տաճարին եւ զոհարանին միջեւ սպաննուեցաւ։ Այո՛. կ՚ըսեմ ձեզի, բոլոր ոճիրներուն պատիժը այս սերունդը պիտի կրէ։ Վա՜յ ձեզի, Օրէնքի՛ ուսուցիչներ, որ գիտութեան դրան բանալին կը պահէք. դուք չէք մտներ եւ կ՚արգիլէք անոնց՝ որ կ՚ուզեն մտնել։ Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները երբ լսեցին Յիսուսի այս խօսքերը, որ բոլոր մարդոց դիմաց ըսաւ, ամօթով մնացին։ Սկսան զինք քննադատել եւ իրեն հետ զանազան հարցերու մասին վիճաբանիլ, որպէսզի իր իսկ խօսքերով զինք ծուղակի մէջ ձգեն եւ ամբաստանեն զինք։ Մինչ հազարաւոր մարդիկ սկսան Յիսուսի շուրջ խռնուիլ, այնքան որ իրար կը կոխկռտէին, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Նախ եւ առաջ զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներուն թթխմորէն, այսինքն՝ անոնց կեղծաւորութենէն։ Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ ոչ ալ գաղտնի բան՝ որ չգիտցուի։ Որովհետեւ ինչ որ մութին մէջ կ՚ըսէք՝ օր ցերեկով պիտի լսուի, եւ ինչ որ առանձին սենեակի մէջ իրարու ականջին կը փսփսաք՝ տանիքներէն բարձրաձայն պիտի քարոզուի։ – Սիրելինե՛ր, ձեզի կ՚ըսեմ.է Մի՛ վախնաք անոնցմէ որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ ապա ուրիշ բան չեն կրնար ընել։ Ըսեմ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք։ Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, անկէ վախցէք։ Հինգ ճնճղուկը տասը դահեկան չ՚ա՞րժեր, եւ սակայն անոնցմէ մէկն իսկ Աստուծոյ կողմէ մոռցուած չէ։ Գալով ձեզի, ձեր գլխուն իւրաքանչիւր մազն իսկ համրուած է։ Հետեւաբար մի՛ վախնաք, որովհետեւ դուք բոլոր ճնճղուկներէն աւելի արժէք ունիք Աստուծոյ աչքին։ – Եւ կ՚ըսեմ ձեզի.է Ով որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ ինծի կը հետեւի, Մարդու Որդին ալ զինք իրեն հետեւորդ պիտի դաւանի Աստուծոյ հրեշտակներուն դիմաց։ Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի ուրանայ զինք Աստուծոյ հրեշտակներուն դիմաց։ Աստուած կը ներէ անոր՝ որ Մարդու Որդիին դէմ կը խօսի, բայց բնաւ պիտի չներէ անոր՝ որ Սուրբ Հոգին կը նախատէ, որովհետեւ ըրածը հայհոյութիւն է։ Երբ ձեզ ժողովարան տանին կամ կառավարիչներու եւ իշխաններուդիմաց հանեն դատելու համար, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչպէս պիտի պաշտպանէք դուք ձեզ եւ կամ ի՛նչ պիտի ըսէք, որովհետեւ Սուրբ Հոգին ձեզի պիտի սորվեցնէ այդ ժամուն ձեր ըսելիքը։ Ժողովուրդէն մէկը Յիսուսի ըսաւ. – Վարդապե՛տ, ըսէ՛ եղբօրս, որ մեր հօր ձգած ժառանգութենէն իմ բաժինս տայ ինծի։ Յիսուս պատասխանեց. – Ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժանարար կարգեց ձեր վրայ։ Ապա դառնալով ժողովուրդին, շարունակեց. – Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն։ Յիսուս անոնց առակ մըն ալ խօսեցաւ եւ ըսաւ. – Հարուստ մարդ մը կար, որուն արտերը առատ բերք տուին։ Անիկա կը մտածէր ու կ՚ըսէր. «Ի՞նչ ընելու եմ, որովհետեւ հունձքս ամբարելու համար շտեմարաններուս մէջ տեղ չմնաց։ Այո՛, գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ։ Պիտի քակեմ շտեմարաններս, աւելի ընդարձակները պիտի շինեմ եւ հոն ամբարեմ ցորենս եւ ամբողջ բերքերս։ Ապա ես ինծի պիտի ըսեմ.է Ով մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս, հանգիստ ըրէ. կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛»։ Բայց Աստուած ըսաւ իրեն. «Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեն. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»։ Եւ Յիսուս եզրակացուց. – Նոյնն է պարագան բոլոր անոնց, որոնք միայն իրենց անձերուն համար հարստութիւն կը դիզեն, փոխանակ Աստուծոյ աչքին հարստանալու։ Ապա Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Ահա թէ ինչո՛ւ կ՚ըսեմ ձեզի.է Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, եւ ո՛չ ալ ձեր մարմինին համար՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Որովհետեւ կեանքը աւելի կարեւոր է քան ուտելիքը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր՝ քան հագուստը։ Դիտեցէ՛ք ագռաւները, որոնք ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ շտեմարաններ եւ ո՛չ ալ ամբարներ ունին, սակայն Աստուած կը կերակրէ զանոնք։ Իսկ պիտի չկերակրէ՞ ձեզ, դուք՝ որ իր աչքին թռչուններէն գերազանց էք։ Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ Եթէ նուազագոյն բանը չէք կրնար ընել, ինչո՞ւ ուրեմն ուրիշ բաներով կը մտահոգուիք։ Դիտեցէք եւ տեսէք թէ ի՛նչպէս կ՚աճի դաշտի շուշանը։ Ո՛չ կ՚աշխատի, ո՛չ կը հիւսէ։ Հաւատացէք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ։ Եթէ Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ խոտը՝ որ այսօր դաշտին մէջ է եւ վաղը կրակը պիտի նետուի, ձեզ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ թերահաւատնե՛ր։ Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ո՛չ ձեր ուտելիքով եւ ո՛չ ալ ձեր խմելիքով, եւ մի՛ մտատանջէք դուք ձեզ, որովհետեւ ասոնք բոլորը հեթանոսներուն յատուկ են։ Ձեր Հայրը գիտէ որ այդ բոլորին պէտք ունիք։ Այլ, ուզեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի։ – Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ ձեզի տալ արքայութիւնը: Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքները եւ դրամը ողորմութեան յատկացուցէք։ Փորձեցէք ձեռք ձգել այնպիսի հարստութիւն մը՝ որ չի մաշիր, գանձ մը՝ որ չի պակսիր, եւ զայն երկինքի մէջ դիզեցէք, ուր ո՛չ գողը կրնայ անոր մօտենալ եւ ո՛չ ալ ցեցը կրնայ զայն կրծել։ Որովհետեւ ուր որ է ձեր հարստութիւնը՝ հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը։ – Պատրաստ եղէք, ձեր գօտիները ձեր մէջքին ամրացուցած եւ ճրագները՝ վառած, նման այն ծառաներուն, որոնք կը սպասեն որ իրենց տէրը հարսանիքէն վերադառնայ, որպէսզի երբ տէրը գայ եւ դուռը զարնէ՝ իրենք անմիջապէս բանան դուռը։ Երանի՜ այն ծառաներուն, որոնց տէրը երբ կու գայ՝ արթուն կը գտնէ զիրենք։ Կ՚ըսեմ ձեզի, թէինք իր մէջքին գօտի պիտի կապէ, պիտի նստեցնէ զիրենք եւ ինք պիտի սպասարկէ անոնց։ Երանելի են այն ծառաները, որոնց տէրը զիրենք արթուն կը գտնէ, երբ կէս գիշերին կամ աւելի ուշ տուն դառնայ։ Բայց այս ալ գիտցէք, որ եթէ տանտէրը գիտնար թէ գողը ո՛ր ժամուն պիտի գայ, արթուն կը մնար եւ թոյլ չէր տար որ գողը պատը քանդելով տունը մտնէ։ Ուրեմն, դուք ալ պատրաստ եղէք, որովհետեւ Մարդու Որդին ձեր չակնկալած ժամուն կրնայ գալ։ Պետրոս ըսաւ. – Տէ՛ր, այս օրինակը մեզի՞ համար ըսիր, թէ բոլորին։ Տէրը ըսաւ. – Ո՞վ է հաւատարիմ եւ իմաստուն տնտեսը։ Անիկա է, որ տէրը իր ծառաներուն վրայ վերակացու կը կարգէ, որպէսզի ճիշդ ատենին անոնցկերակուրի բաժինը տայ։ Երանի՜ այն ծառային, որուն տէրը երբ կու գայ, զինք կը գտնէ իր պաշտօնը լաւապէս կատարած։ Իրապէս կ՚ըսեմ ձեզի, որ տէրը այդ ծառան իր բոլոր ստացուածքներուն վերակացու պիտի կարգէ Սակայն եթէ ծառան ինքնիրեն ըսէ՝ «Տէրս կ՚ուշանայ գալու», եւ սկսի միւս ծառաներն ու սպասուհիները ծեծել, ուտէ, խմէ եւ գինովնայ, յանկարծ իր չակնկալած ատենին եւ չսպասած ժամուն տէրը պիտի գայ եւ զայն խստութեամբ պիտի պատժէ եւ անհաւատներուն կարգին դասէ։ Այն ծառան, որ իր տիրոջ կամքը գիտէ եւ չի պատրաստեր կամ չի կատարեր անոր ուզածը, շատ պատիժ կը ստանայ։ Իսկ ան որ չի գիտեր տիրոջ պահանջածը եւ պատիժի արժանի բաներ կ՚ընէ, այդ ծառան նուազ պատիժ կը ստանայ։ Որուն որ շատ տրուած է՝ շատ պիտի պահանջուի, իսկ որուն որ աւելի շատ տրուած է՝ շատ աւելի պիտի պահանջուի։ – Եկայ կրակ ձգելու երկրի վրայ եւ որքա՜ն կ՚ուզէի որ արդէն իսկ բռնկած ըլլար։ Մկրտութիւն մը ինծի կը սպասէ, եւ որքա՜ն կը տագնապիմ՝ մինչեւ որ անիկա կատարուի։ Կը կարծէք թէ աշխարհին խաղաղութի՞ւն տալու եկայ։ Ո՛չ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, ոչ թէ խաղաղութիւն, այլ՝ բաժանում։ Այսպէս, եթէ ընտանիքի մը մէջ հինգ անդամներ կան, պիտի բաժնուին՝ երեքը երկուքին դէմ եւ երկուքը՝ երեքին։ Հայրը իր զաւակին դէմ պիտի ըլլայ, զաւակը իր հօրը, մայրը աղջկան դէմ եւ աղջիկը՝ մօրը, կեսուրը հարսին դէմ եւ հարսը՝ կեսուրին։ Ապա ժողովուրդին ըսաւ. – Երբ տեսնէք որ ամպը արեւմուտքէն կու գայ, անմիջապէս կ՚ըսէք՝ «Անձրեւ պիտի գայ», եւ այդպէս ալ կ՚ըլլայ։ Երբ հովը հարաւէն փչէ՝ կ՚ըսէք՝ «Սաստիկ տաք պիտի ըլլայ», եւ այդպէս ալ կ՚ըլլայ։ Կեղծաւորնե՛ր, երկինքն ու երկիրը դիտելով կրնաք նախատեսել գալիք օդը, ինչո՞ւ սակայն չէք կրնար ներկայ ժամանակին իմաստը հասկնալ։ – Ինչո՞ւ դուք անձնապէս չէք դատեր ճիշդը։ Այնպէս՝ ինչպէս երբ խնդրի մը համար թշնամիիդ հետ դատաւորին կ՚երթաս, ճամբու ընթացքին ջանա՛ անոր հետ համաձայնիլ՝ տակաւին դատարան չհասած։ Այլապէս քեզ դատաւորին առջեւ պիտի հանէ, դատաւորն ալ ոստիկանին պիտի յանձնէ եւ ոստիկանն ալ բանտ պիտի նետէ քեզ։ Գիտցի՛ր, որ բանտէն պիտի չելլես՝ մինչեւ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես։ Ոմանք եկան Յիսուսի եւ պատմեցին այն Գալիլ եացիներուն մասին, որոնք Պիղատոսի կողմէ սպաննուեցան, երբ Աստուծոյ զոհ կը մատուցանէին։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուող Գալիլեացիները միւս բոլոր Գալիլեացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան։ Ո՛չ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Կամ ի՞նչ կը մտածէք այն տասնըութը մարդոց մասին, որոնց վրայ ինկաւ աշտարակը Սելովամի մէջ եւ սպաննեց զանոնք։ Անոնք աւելի՞ յանցաւոր էին քան Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները։ Ո՛չ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Անոնց հետեւալ առակը պատմեց. – Մարդ մը կար, որ իր այգիին մէջ թզենի մը տնկած էր։ Թուզ քաղելու գնաց, բայց թզենիին վրայ պտուղ չգտաւ։ Այգեպանին ըսաւ. «Այս երրորդ տարին է որ կու գամ թուզ քաղելու, բայց չեմ գտներ։ Ուստի կտրէ՛ զայն, ինչո՞ւ անիմաստ կերպով տեղ գրաւէ»։ Այգեպանը պատասխանեց. «Տէ՛ր, թող այս տարի ալ մնայ. ես իր շուրջի հողը կրկին կր փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ։ Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ. ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ զայն»։ Շաբաթ օր մը Յիսուս ժողովարանին մէջ կ՚ուսուցանէր։ Հոն կին մը կար, որ տասնըութը տարիէ ի վեր հիւանդ էր՝ չար ոգիէ բռնուած ըլլալով, եւ այս պատճառով՝ մէջքը ծռած կը քալէր եւ բնաւ չէր կրնար շտկուիլ։ Երբ Յիսուս տեսաւ կինը, իր մօտ կանչեց զայն եւ ըսաւ. – Ո՛վ կին, հիւանդութենէդ բժշկուած ես։ Յիսուս ձեռքերը անոր վրայ դրաւ, եւ կինը անմիջապէս բժշկուեցաւ եւ սկսաւ զԱստուած փառաւորել։ Ժողովրդապետը բարկացաւ, որովհետեւ Յիսուս Շաբաթ օրով կատարեց բժշկութիւնը, եւ ժողովուրդին դառնալով ըսաւ. – Շաբթուան մէջ վեց օր կարելի է աշխատիլ, ուստի այդ օրերուն եկէք եւ բժշկուեցէք եւ ո՛չ թէ Շաբաթ օր։ Տէրը անոր պատասխանեց. – Կեղծաւորնե՛ր, ձեզմէ իւրաքանչիւրը Շաբաթ օրով իր եզը կամ էշը ախոռէն չի՞ քակեր եւ տանելով ջուր չի՞ տար անոր։ Իսկ այս կինը, որ Աբրահամի աղջիկ է եւ Սատանային կողմէ տասնըութը տարիէ ի վեր գերուած, չէ՞ր արժեր որ Շաբաթ օրով ազատէի։ Այս խօսքին վրայ անոնք որոնք կը հակառակէին Յիսուսի՝ ամչցան, մինչ ամբողջ ժողովուրդը կ՚ուրախանար Յիսուսի կատարած բոլոր հրաշագործութիւններուն համար։ Յիսուս հարցուց. – Ի՞նչ բանի կը նմանի Աստուծոյ թագաւորութիւնը, կամ ի՞նչ բանի հետ բաղդատեմ զայն։ Անիկա կը նմանի մանանեխի հատիկին, որ մէկը իր պարտէզին մէջ ցանեց։ Հատիկը մեծցաւ եւ ծառ դարձաւ, եւ երկինքի թռչունները գալով՝ անոր ոստերուն մէջ բոյն դրին։ Դարձեալ հարցուց. – Ի՞նչ բանի նմանցնեմ Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Կը նմանի այն թթխմորին, որ կին մը առնելով՝ պարկ մը ալիւրի հետ խառնեց, մինչեւ որ ամբողջ խմորը թթուեցաւ։ Յիսուս քաղաքներն ու գիւղերը շրջելով կ՚ուսուցանէր՝ հետզհետէ դէպի Երուսաղէմ ուղղուելով։ Մէկը հարցուց իրեն. – Տէ՛ր, արդեօք քիչե՞ր միայն պիտի փրկուին։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Ջանացէք նեղ դռնէն մտնել։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ շատեր պիտի ուզեն մտնել, բայց պիտի չկրնան։ Երբ տանտէրը մտնէ եւ դուռը փակէ, դուրս պիտի մնաք. պիտի սկսիք դուռը բաղխել եւ ըսել. «Տէ՛ր, Տէ՜ր, դուռը բա՛ց մեզի»։ Տանտէրը պիտի պատասխանէ. «Չեմ գիտեր թէ ուրկէ էք»։ Այն ատեն պիտի ըսէք. «Քեզի հետ կերանք ու խմեցինք եւ մեր հրապարակներուն վրայ մեզի սորվեցուցիր»։ Անիկա պիտի պատասխանէ. «Ձեզի կ՚ըսեմ, թէ չե՛մ գիտեր ուրկէ՛ էք։ Հեռացէ՛ք ինձմէ դուք բոլորդ, անիրաւնե՛ր»։ Այն ատեն պիտի լաք եւ ձեր ակռաները կրճտէք, երբ տեսնէք որ Աբրահամ, Իսահակ, Յակոբ եւ բոլոր մարգարէները Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ են, մինչ դուք դուրս ձգուած էք։ Արեւելքէն ու արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն մարդիկ պիտի գան եւ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ բազմին։ Եւ ահա այսպէս, շատեր որ հիմա վերջին են՝ առաջին պիտի ըլլան, իսկ շատեր որ առաջին են՝ վերջին։ Նոյն ժամուն՝ Փարիսեցիներէն ոմանք մօտեցան Յիսուսի եւ ըսին. – Ել եւ գնա՛ այստեղէն, որովհետեւ Հերովդէս քեզ սպաննել կ՚ուզէ։ Յիսուս պատասխանեց. – Գացէք եւ այդ աղուէսին ըսէք. «Ահաւասիկ չար ոգիներ կը հանեմ, բժշկութիւններ կը կատարեմ այսօր ու վաղը եւ երրորդ օրն ալ գործս պիտի վերջացնեմ»։ Այսուհանդերձ, պէտք է որ այսօր, վաղը եւ միւս օր գործս շարունակեմ, որովհետեւ կարելի չէ որ մարգարէ մը Երուսաղէմէն դուրս սպաննուի։ Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՛մ, դուն որ մարգարէները կը սպաննէիր եւ կը քարկոծէիր Աստուծմէ քեզի ղրկուած պատգամաբերները. քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ. բայց դո՛ւք, Երուսաղէմի՛ բնակիչներ, չուզեցիք։ Ահա «պիտի լքուի ձեր Տունը»։ Ու կ՚ըսեմ ձեզի, թէ այլեւս զիս պիտի չտեսնէք՝ մինչեւ որ ըսէք. «Օրհնեալ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով»։ Շաբաթ օր մը Յիսուս մտաւ Փարիսեցիներու իշխանաւորներէն մէկուն տունը՝ ճաշելու համար։ Ներկաները զինք կը դիտէին՝ տեսնելու համար թէ ի՛նչ պիտի ընէ։ Եւ հոն ջրգողեալ մարդ մը կար Յիսուսի դիմաց։ Յիսուս հարցուց Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ Փարիսեցիներուն. – Մեր Օրէնքը կ՚արտօնէ՞ Շաբաթ օրով բժշկութիւն կատարել։ Անոնք լուռ մնացին։ Յիսուս բռնեց մարդը, բժշկեց ու ճամբեց։ Եւ ապա ըսաւ անոնց. – Եթէ ձեզմէ մէկուն էշը կամ եզը ջրհոր իյնայ, զայն չի՞ հաներ Շաբաթ օրով։ Եւ անոնք պատասխան չկրցան տալ։ Յիսուս տեսնելով թէ ի՛նչպէս հրաւիրեալները պատւոյ տեղերը կը փնտռէին, անոնց հետեւեալ առակը պատմեց. – Եթէ մէկը քեզ հարսանիքի կամ խնճոյքի հրաւիրէ, սեղանին գլուխը մի՛ նստիր, որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ քեզմէ աւելի յարգելի անձ մըն ալ հրաւիրուած ըլլայ։ Այն ատեն քեզ եւ զայն հրաւիրողը պիտի գայ եւ քեզի ըսէ՝ «Տեղդ իրեն տուր»։ Եւ դուն խայտառակ ըլլալով՝ ամենէն վերջին աթոռին պիտի նստիս։ Ընդհակառակը, երբ կը հրաւիրուիս՝ գնա եւ վերջին աթոռին նստէ, որպէսզի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, ըսէ քեզի՝ «Բարեկա՜մ, վե՛ր հրամմէ»։ Այն ատեն դուն հրաւիրեալներուն մօտ պատուըուած պիտի ըլլաս։ Որովհետեւ՝ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։ Ապա Յիսուս տանտիրոջ ըսաւ. – Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան։ Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին։ Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ։ Երբ սեղանակիցներէն մէկը այս խօսքերը լսեց, ըսաւ Յիսուսի. – Երանի՜ անոր որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ ճաշ պիտի ուտէ։ Յիսուս անոր հետեւեալ առակը պատմեց. – Մարդ մը կար, որ մեծ ընթրիք մը սարքեց եւ շատեր հրաւիրեց։ Ընթրիքի ժամուն իր ծառան ղրկեց, որպէսզի հրաւիրեալներուն ըսէ. «Եկէք, ամէն ինչ պատրաստ է արդէն»։ Հրաւիրեալները սկսան մէկ առ մէկ հրաժարիլ։ Առաջինը ըսաւ. «Արտ մը գնեցի, պէտք է երթամ եւ տեսնեմ զայն, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»։ Միւսը ըսաւ. «Հինգ զոյգ եզ գնեցի, պէտք է երթամ փորձեմ զանոնք, հետեւաբար կը խնդրեմ որ ներողամիտ գտնուի»։ Ուրիշ մը ըսաւ. «Տակաւին նոր ամուսնացայ, հետեւաբար չեմ կրնար գալ»։ Ծառան վերադարձաւ եւ իր տիրոջ պատմեց անոնց ըսածները։ Այն ատեն տանտէրը վրդոված՝ ըսաւ ծառային. «Անմիջապէս քաղաք գնա եւ հրապարակներուն ու փողոցներուն մէջ որքան որ աղքատ, խեղանդամ, կաղ եւ կոյր տեսնես՝ բոլորն ալ հոս բեր»։ Քիչ ետք ծառան վերադառնալով իր տիրոջ ըսաւ. «Տէ՛ր, հրամանդ կատարեցի, բայց տակաւին տեղ կայ»։ Տէրը ծառային հրամայեց. «Քաղաքէն դուրս գնա եւ ճամբաներուն վրայ ու դաշտերուն մէջ ո՛վ որ գտնես՝ ստիպէ որ գայ, որպէսզի տունս լեցուի։ Կ՚ըսեմ ձեզի, որ առաջին հրաւիրեալներէն ո՛չ մէկը իմ ընթրիքէս պիտի ճաշակէ»։ Բազմաթիւ ժողովուրդ Յիսուսի հետ կ՚երթար։ Յիսուս անոնց դառնալով՝ ըսաւ. – Ով որ ինծի կու գայ եւ զիս աւելի չի սիրեր քան իր հայրն ու մայրը, կինն ու զաւակները, եղբայրներն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ իր իսկ անձը, չի կրնար ինծի աշակերտ ըլլալ։ Որովհետեւ ով որ իր խաչը չ՚առներ եւ ինծի չի հետեւիր, ինծի աշակերտ չի կրնար ըլլալ։ Եթէ ձեր մէջէն մէկը ուզէ աշտարակ մը շինել, նախ չի նստիր եւ ծախսերը չի՞ հաշուեր, տեսնելու համար թէ գործը վերջացնելու չափ դրամ ունի՞: Այլապէս, երբ հիմը նետելէ ետք՝ չկարենայ աշտարակը աւարտել, բոլոր տեսնողները պիտի սկսին ծիծաղիլ իր վրայ, ըսելով. «Այս մարդը շինել սկսաւ, բայց չկրցաւ աւարտել»։ Կամ, եթէ թագաւոր մը տասը հազար հոգինոց բանակով մը ուզէ պատերազմի ելլել քսան հազար հաշուող բանակով մը իր դէմ եկող թագաւորի մը դէմ, նախ չի նստիր եւ չի՞ մտածեր, թէ արդեօք պիտի կարենա՞յ յաղթել անոր։ Այլապէս, տակաւին հեռուէն, պատգամաւոր պիտի ղրկէ՝ հաշտութիւն խնդրելու համար անկէ։ Նմանապէս, ձեր մէջէն անոնք որոնք չեն կրնար հրաժարիլ իրենց ամբողջ ունեցածէն, չեն կրնար ինծի աշակերտ ըլլալ։ – Լաւ բան է աղը. բայց եթէ իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի աղեն զայն։ Ո՛չ հողին օգտակար է, ո՛չ ալ կարելի է պարարտացուցիչ շինել, այլ՝ զայն կը թափեն։ Ականջ ունեցողը թող լսէ։ Շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ Յիսուսի կու գային՝ զինք լսելու համար։ Փարիսեցիներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկսան տրտնջալ, ըսելով. – Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ այս մարդը մեղաւորները կ՚ընդունի եւ անոնց հետ կը ճաշէ։ Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց անոնց. – Ենթադրենք որ ձեզմէ մէկը հարիւր ոչխար ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր իննսունինը արօտավայրին մէջ եւ չ՚ե՞րթար կորսուածին ետեւէն, մինչեւ որ գտնէ զայն։ Եւ երբ գտնէ՝ ուրախութեամբ իր ուսերուն վրայ կը դնէ եւ տուն կը դառնայ, կը կանչէ իր բարեկամներն ու դրացիները եւ կ՚ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսուած ոչխարս գտայ»։ Կ՚ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան իննսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին։ – Կամ ենթադրենք թէ կին մը տասը արծաթ դահեկան ունի։ Երբ անոնցմէ մէկը կորսնցնէ, ճրագը չի՞ վառեր եւ տունը ուշադրութեամբ չ՚ա՞ւլեր, մինչեւ որ դահեկանը գտնէ։ Եւ երբ գտնէ, կը կանչէ իր բարեկամուհիներն ու դրացիները եւ կ՚ըսէ անոնց. «Ուրախացէ՛ք ինծի հետ, որովհետեւ կորսնցուցած դահեկանս գտայ»։ Կ՚ըսեմ ձեզի, Աստուծոյ հրեշտակները նոյն ձեւով պիտի ուրախանան մեղաւորի մը համար, որ կ՚ապաշխարէ։ Ապա շարունակեց. – Մարդ մը երկու զաւակ ունէր։ Կրտսերը հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, քու ստացուածքէդ ինծի ինկած բաժինը հիմա՛ տուր ինծի»։ Եւ հայրը իր զաւակներուն միջեւ բաժնեց իր ունեցածը։ Քանի մը օր ետք, կրտսեր զաւակը առաւ իր ամբողջ հարստութիւնը եւ հեռու երկիր մը գնաց։ Հոն անառակ կեանք մը ապրելով՝ մսխեց հարստութիւնը եւ սպառեց իր ամբողջ ունեցածը։ Պատահեցաւ որ այդ երկրին մէջ մեծ սով մը տիրեց, երբ արդէն ինք սկսած էր աղքատանալ։ Ուստի գնաց այդ երկրի քաղաքացիներէն մէկուն քով ծառայ եղաւ, եւ անիկա իր ագարակը ղրկեց զինք՝ խոզ արածելու համար։ Նոյնիսկ պատրաստ էր խոզերուն կերած եղջիւրներէն իր փորը լեցնելու, սակայն ոչ ոք կու տար իրեն։ Երբ անդրադարձաւ իր վիճակին, ինքնիրեն ըսաւ. «Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ։ Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն.է Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ»։ Ապա ելաւ եւ հօրը քով գնաց։ Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց։ Որդին հօրը ըսաւ. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու»։ Հայրը իր ծառաներուն հրամայեց. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք իրեն. մատանի անցուցէք իր մատին եւ կօշիկ տուէք իրեն։ Բերէ՛ք պարարտ հորթը, մորթեցէք, ուտենք եւ ուրախանանք։ Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»։ Եւ սկսան խրախճանքի։ Մինչ այդ, երէց զաւակը ագարակ կը գտնուէր։ Վերադարձին, երբ տան մօտեցաւ, երգի ու պարի ձայներ լսեց։ Կանչեց ծառաներէն մէկը եւ հարցուց թէ ի՛նչ կայ։ Ծառան ըսաւ իրեն. «Եղբայրդ եկաւ, եւ որովհետեւ ողջ–առողջ վերադարձաւ, հայրդ պարարտ հորթը մորթեց»։ Երէց եղբայրը զայրացաւ եւ չուզեց ներս մտնել։ Այս մասին իմանալով, հայրը դուրս ելաւ եւ աղաչեց որ ներս մտնէ։ Իսկ անիկա պատասխանեց. «Տարիներէ ի վեր քեզի կը ծառայեմ. ոեւէ մէկ հրահանգդ չանտեսեցի, եւ սակայն նոյնիսկ ուլ մը չտուիր ինծի, որ ուրախանայի բարեկամներուս հետ։ Մինչդեռ, երբ եկաւ այդ որդիդ, որ քու ստացուածքդ պոռնիկներուն հետ մսխեց, պարարտ հորթը մորթեցիր անոր համար»։ Հայրը ըսաւ. «Տղա՛ս, դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ամբողջ ունեցածս քուկդ է։ Սակայն հիմա պէտք է ուրախանանք եւ ցնծանք, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»։ Իր աշակերտներուն Յիսուս այս առակը պատմեց. է Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ իր ստացուածքներուն վրայ տնտես մը ունէր։ Երբ տնտեսին մասին մարդիկ ամբաստանութիւն ըրին՝ ըսելով թէ իր տիրոջ հարստութիւնը կը վատնէ, մեծահարուստը կանչեց զինք եւ ըսաւ. «Ի՞նչ են քու մասիդ այս ըսուածները։ Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուս հաշիւը տուր։ Այլեւս իմ տնտեսս չես կրնար ըլլալ»։ Տնտեսը ինքնիրեն խորհեցաւ. «Ի՞նչ կրնամ ընել. ահա տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն կը զրկէ։ Բանուորութիւն չեմ կրնար ընել, մուրալու կ՚ամչնամ։ Սակայն գիտեմ թէ ինչ պէտք է ընեմ, որ երբ տէրս զիս տնտեսութեան պաշտօնէն հեռացնէ, մարդիկ ընդունին զիս իրենց տուներէն ներս»։ Ապա մէկ առ մէկ կանչեց իր տիրոջ պարտապանները եւ առաջինին հարցուց. «Ո՞րքան պարտք ունիս տիրոջս»։ Անիկա պատասխանեց. «Երկու հարիւր թիթեղ ձէթ»։ Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ անմիջապէս գրէ՝ հարիւր»։ Յետոյ հարցուց միւսին. «Դո՞ւն որքան պարտք ունիս»։ Անիկա պատասխանեց. «Չորս հարիւր յիսուն պարկ ցորեն»։ Տնտեսը ըսաւ. «Ահաւասիկ պարտամուրհակդ. նստէ եւ գրէ՝ երեք հարիւր յիսուն»։ Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար։ Որովհետեւ այս աշխարհի մարդիկը իրարու հանդէպ իրենց վարմունքին մէջ աւելի ճարպիկ են քան լոյսի որդիները։ Եւ ես կ՚ըսեմ ձեզի.է Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք, որպէսզի երբ այս աշխարհէն ելլէք, ձեզ յաւիտենական յարկերու մէջ ընդունին։ Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է։ Հետեւաբար, եթէ աշխարհիկ հարստութիւնը գործածելուն մէջ հաւատարիմ չեղաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի վստահի ձեզի։ Այսինքն, եթէ հաւատարիմ չեղաք աշխարհիկ հարստութեան, որ ձերը չէ, ինչպէ՞ս կ՚ուզէք որ Աստուած ձեզի տայ ձեզի սպասող ճշմարիտ հարստութիւնը։ Ոչ մէկ ծառայ կրնայ երկու տէրերու ծառայել, որովհետեւ՝ կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կամ՝ մէկը պիտի մեծարէ եւ միւսը արհամարհէ։ Չէք կրնար թէ՛ Աստուծոյ ծառայել եւ թէ՛ դրամին։ Փարիսեցիները, որոնք դրամասէր էին, երբ այս բոլորը լսեցին, սկսան հեգնել զինք։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Դուք ձեզ ուրիշներուն արդար ցոյց կու տաք, սակայն Աստուած գիտէ ձեր սիրտերը։ Որովհետեւ մարդոց աչքին փառաւորը Աստուծոյ աչքին անարգ է։ Մովսէսի Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները մինչեւ Յովհաննէս ի զօրու էին. անկէ ասդին Աստուծոյ արքայութիւնը կ՚աւետարանուի եւ ամէն մարդ կը փութայ բռնութեամբ ներս մտնել։ Աւելի դիւրին է որ երկինքն ու երկիրը կորսուին, քան Օրէնքին ամենափոքր տառը։ Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ կը շնայ. նոյնպէս կը շնայ ան՝ որ արձակուած կնոջ հետ կ՚ամուսնանայ։ Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ բեհեզ եւ ծիրանի հագուստներ կը հագնէր եւ ամէն օր փառաւոր խնճոյք կ՚ընէր։ Ղազարոս անունով աղքատ մըն ալ կար, որ անոր դրան առջեւ կը նստէր եւ կը յուսար իր փորը լեցնել մեծահարուստին սեղանի աւելցուքներով։ Ղազարոս վէրքերով ծածկուած էր, եւ շուներ կու գային իր վէրքերը կը լզէին։ Աղքատը մեռաւ եւ հրեշտակները զինք տարին Աբրահամի մօտ։ Մեծահարուստն ալ մեռաւ եւ թաղուեցաւ։ Դժոխքին մէջ, մինչ մեծահարուստը կը տանջուէր, աչքերը բարձրացուց եւ հեռուն Աբրահամը տեսաւ, ինչպէս նաեւ Ղազարոսը՝ անոր քով։ Մեծահարուստը աղաղակեց. «Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ՛ ինծի եւ ղրկէ Ղազարոսը, որ մատին ծայրը ջուրին թաթխէ եւ զովացնէ լեզուս, որովհետեւ այս կրակին մէջ ծարաւէն կը տառապիմ»։ Աբրահամ ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ, յիշէ՛ թէ ի՛նչպէս դուն քու կեանքիդ ընթացքին ամէն բարիք վայելեցիր, մինչ Ղազարոս չարչարուեցաւ։ Հիմա անիկա հոս կը հանգստանայ, մինչ դուն հոդ կը տառապիս։ Գիտցի՛ր նաեւ, որ մեծ անդունդ մը կայ մեր եւ ձեր միջեւ։ Եթէ ուզեն այստեղէն ձեր մօտ անցնիլ՝ չեն կրնար, եւ ոչ ալ մէկը հոնկէ մեր մօտ կրնայ գալ»։ Մեծահարուստը ըսաւ. «Կ՚աղաչեմ, հա՛յր, Ղազարոսը ղրկէ իմ հօրս տունը, ուր հինգ եղբայրներ ունիմ. թող զանոնք նախազգուշացնէ՝ որպէսզի անոնք ալ տանջանքի այս վայրը չգան»։ Աբրահամ ըսաւ անոր. «Անոնք Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէները ունին. թող անոնց պատուիրանները լսեն եւ գործադրեն»։ Մեծահարուստը ըսաւ. «Ատիկա բաւականչէ, հա՛յր Աբրահամ. բայցեթէմեռելներէն մէկը յարութիւն առնէ եւ երթայ իրենց՝ պիտի ապաշխարեն»։ Աբրահամ պատասխանեց. «Եթէ Մովսէսի Օրէնքին եւ մարգարէներուն մտիկ չեն ըներ, մեռելներէն յարութիւն առնող մըն ալ պիտի չկարենայ համոզել զիրենք»։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Գայթակղութիւններ անպայման որ պիտի պատահին, բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեանմէջ կ՚իյնան։ Նախընտրելիպիտի ըլլար, որ իր վիզին ջաղացքի քար անցընէին եւ զինք ծովը նետէին, քան թէ այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէր։ Հետեւաբար, զգուշացէ՛ք։ Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն։ Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ՝ «Կը զղջամ», պէտք է ներես իրեն։ Առաքեալները ըսին Տիրոջ. – Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը։ Տէրը ըսաւ. – Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թթենիին. «Արմատախիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ», պիտի հնազանդի ձեզի։ – Ենթադրենքորձեզմէմէկը ծառայ մը ունի, որ հո– ղագործ է կամ հովիւ։ Երբ ծառան դաշտէն դառնայ եւ տուն մտնէ, տէրը իրեն կ՚ըսէ՞. «Անմիջապէս գնա՛, ճաշդ կեր»։ Բնականաբար ո՛չ։ Ընդհակառակը, անոր կ՚ըսէ. «Ընթրիքս պատրաստէ եւ գոգնոցդ կապելով սպասարկէ՛ ինծի, մինչեւ ընթրիքս վերջացնեմ, անկէ ետք կրնաս ուտել ու խմել»։ Կը կարծէ՞ք որ տէրը իր ծառային երախտապարտ պէտք է ըլլայ իր հրահանգները կատարելուն համար։ Չեմ կարծեր։ Դուք ալ նոյնպէս, երբ կը կատարէք ինչ որ հրամայուած է ձեզի, ըսէք. «Անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»։ Դէպի Երուսաղէմ իր ճամբուն վրայ, Յիսուս կ՚անցնէր Սամարիայի եւ Գալիլեայի սահմաններէն։ Եւ մինչ գիւղ մը կը մտնէր, իրեն հանդիպեցան տասը բորոտներ, որոնք հեռուն կեցան եւ բարձր ձայնով ըսին. – Յիսո՛ւս Վարդապետ, ողորմէ՛ մեզի։ Յիսուս տեսաւ զանոնք եւ ըսաւ. – Գացէք եւ դուք ձեզ քահանաներուն ցոյց տուէք։ Եւ մինչդեռ կ՚երթային, արդէն իսկ մաքրուեցան։ Անոնցմէ մէկը երբ տեսաւ որ բժշկուեցաւ, վերադարձաւ եւ սկսաւ բարձրաձայն զԱստուած փառաւորել։ Երեսին վրայ գետին փռուեցաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէր անոր։ Եւ անիկա Սամարացի մըն էր։ Յիսուս հարցուց. – Տասը հոգի չէի՞ն մաքրուողները. ո՞ւր են մնացեալ իննը հոգիները Բացի այս օտարականէն ուրիշ մէկը չգտնուեցա՞ւ, որ դառնար եւ փառք տար Աստուծոյ։ Ապա Սամարացիին դառնալով ըսաւ. – Ոտքի՛ ել եւ գնա՛, հաւատքդ քեզ փրկեց։ Փարիսեցիներ Յիսուսի հարցուցին, թէ ե՛րբ պիտի գայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Անիկա պատասխանեց. – Աստուծոյ թագաւորութիւնը արտաքնապէս տեսանելի նշաներով պիտի չգայ. կամ պիտի չըսեն թէ «Ահա հոս է կամ՝ հոն», որովհետեւ ահա Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջ կը գտնուի։ Ապա իր աշակերտներուն ըսաւ. – Ժամանակ պիտի գայ, երբ դուք պիտի ցանկաք Մարդու Որդիին այս օրերէն մէկը տեսնել, բայց պիտի չտեսնէք։ Եւ եթէ ձեզի ըսեն՝ «Ահա հոս է կամ հոն», մտիկ մի՛ ընէք, մի՛ հետեւիք անոնց։ Որովհետեւ՝ ինչպէս կայծակը փայլատակելով կը լուսաւորէ երկնակամարին մէկ կողմէն մինչեւ միւսը, նոյնպէս պիտի ըլլայ Մարդու Որդին իր գալստեան օրը։ Սակայն նախ պէտք է որ անիկա շատ չարչարանքներ կրէ եւ մերժուի այս սերունդէն։ Եւ ինչպէս որ Նոյի ժամանակ Աստուծոյ պատիժը յանկարծակի վրայ հասաւ, նոյնպէս պիտի պատահի Մարդու Որդիին օրերուն ալ։ Անոնք ալ կ՚ուտէին, կը խմէին, այր կամ կին կ՚առնէին, մինչեւ այն օրը, երբ Նոյ տապան մտաւ, եւ ջրհեղեղը եկաւ բնաջնջեց զանոնք։ Կամ ինչպէս Ղովտի օրերուն պատահեցաւ. կ՚ուտէին, կը խմէին, կը գնէին, կը ծախէին, կը տնկէին ու կը շինէին. բայց այն օրը որ Ղովտ Սոդոմը ձգեց, երկինքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց եւ բնաջնջեց բոլորը։ Նոյնը պիտի պատահի այն օրը, երբ Մարդու Որդին յայտնուի։ Այդ օրը, ան որ տանիք ելած է՝ թող վար իջնելով տուն չմտնէ՝ հոն գտնուող իր գոյքերը առնելու համար։ Նոյնպէս, ան որ դաշտին մէջ է՝ թող տուն չվերադառնայ ունեցածները առնելու համար։ Յիշեցէ՛ք Ղովտի կնոջ պարագան։ Ով որ կը ջանայ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսընցնէ զայն, եւ ով որ կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն։ Կ՚ըսեմ ձեզի, այդ գիշեր եթէ մէկ անկողինի մէջ երկու հոգի ըլլան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ երկու կին միասին ցորեն կ՚աղան՝ անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի, կամ եթէ արտին մէջ երկու հոգի ըլլան, անոնցմէ մէկը պիտի առնուի եւ միւսը ձգուի։ Աշակերտները հարցուցին Յիսուսի. – Տէ՛ր, ո՞ւր պիտի պատահի ատիկա։ Անիկա պատասխանեց. – Անգղները կը հաւաքուին հոն՝ ուր դիակ կայ։ Յիսուս առակ մը պատմեց իր աշակերտներուն, ցոյց տալու համար թէ պէտք է միշտ աղօթել՝ առանց վհատելու։ Եւ ըսաւ. – Քաղաքի մը մէջ դատաւոր մը կար, որ ո՛չ Աստուծմէ կը վախնար եւ ո՛չ ալ մարդոցմէ կ՚ամչնար։ Նոյն քաղաքին մէջ այրի կին մըն ալ կար, որ անոր կը դիմէր եւ կը խնդրէր. «Իրաւունքս պաշտպանէ հակառակորդէս»։ Դատաւորը երկար ժամանակ մերժեց դատը տեսնել, սակայն ի վերջոյ ըսաւ ինքնիրեն. «Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, բայց քանի այս այրին նեղութիւն կու տայ ինծի, իր դատը տեսնեմ, որպէսզի մինչեւ վերջ քովս գալով զիս չանհանգստացնէ»։ պա Տէրը շարունակեց. – Լսեցէք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ անիրաւ դատաւորը։ Իսկ Աստուած որքա՞ն պիտի համբերէ իր ընտրեալներուն կրած անիրաւութեան. պիտի չպաշտպանէ՞ զանոնք, որոնք գիշեր ու ցերեկ իրեն կը դիմեն։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի՝ որ անոնց իրաւունքը անմիջապէս պիտի պաշտպանէ։ Բայց Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ։ Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին թէ արդար են եւ ուրիշները կ՚արհամարհէին։ – Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ Փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր ։ Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ՚աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ։ Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»։ Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ՚ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերը»։ – Կ՚ըսեմ ձեզի,– եզրակացուց Յիսուս,– մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ։ Ժողովուրդէն ոմանք մանուկներ բերին Յիսուսի, որպէսզի ձեռք դնէ անոնց վրայ։ Երբ աշակերտները ասիկա տեսան, սաստեցին բերողները։ Սակայն Յիսուս իր մօտ կանչեց մանուկները եւ ըսաւ. – Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը։ Լաւ գիտցէք, ով որ Աստուծոյ արքայութիւնը չ՚ընդունիր մանուկի մը պէս, հոն պիտի չմտնէ։ Հրեայ իշխանաւոր մը Յիսուսի հարցուց. – Բարի՛ Վարդապետ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Ի՞նչու զիս բարի կը կոչես. միայն Աստուած բարի է։ Պատուիրանները գիտես. «Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ»։ Անիկա ըսաւ. – Այդ բոլորը պատանութենէս ի վեր պահած եմ։ Յիսուս երբ ասիկա լսեց, ըսաւ իշխանաւորին. – Մէկ բան տակաւին պէտք է ընես։ Ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ աղքատներուն տուր. այդպիսով երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, եւ ապա եկուր հետեւէ ինծի։ Իշխանաւորը երբ ասիկա լսեց, տրտմեցաւ, որովհետեւ շատ հարուստ էր։ Յիսուս զայն տրտում տեսնելով, ըսաւ. – Որքա՜նդժուար է հարստութիւն ունեցողներուն համար՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել։ Շատ աւելի դիւրին է որ պարանը ասեղի ծակէնմտնէ, քան հարուստը՝ Աստուծոյ արքայութիւնը։ Անոնք որ լսեցին, ըսին. – Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ։ Յիսուս պատասխանեց. – Ինչ որ անկարելի է մարդոց համար՝ կարելի է Աստուծոյ համար։ Ասոր վրայ՝ Պետրոս ըսաւ. – Ահա մեր ամբողջ ունեցածը ձգեցինք եւ հետեւեցանք քեզի։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Վստահ եղէք, ով որ կը ձգէ տուն, ծնողք, եղբայրներ, կին եւ կամ զաւակներ՝ Աստուծոյ արքայութեան համար, ներկայ կեանքին մէջ բազմապատիկը պիտի առնէ եւ գալիք աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։ Ապա Յիսուս տասներկու աշակերտները մէկ կողմ առնելով, ըսաւ անոնց. – Ահա Երուսաղէմ կ՚երթանք, ուր Մարդու Որդիին մասին մարգարէներուն բոլոր գրածները պիտի իրականանան։ Անիկա պիտի մատնուի հեթանոսներուն ձեռքը, որոնք պիտի ծաղրեն եւ նախատեն զինք, թքնեն վրան, ծեծեն եւ սպաննեն, բայց երրորդ օրը անիկա յարութիւն պիտի առնէ։ Սակայն աշակերտները անոր ըսածներէն բան մը չհասկցան, որովհետեւ խօսքին իմաստը ծածկուած էր իրենցմէ եւ չէին գիտեր թէ Յիսուս ի՛նչ ըսել կ՚ուզէր։ Յիսուս Երիքովի կը մօտենար։ Հոն ճամբու եզերքին կոյր մուրացկան մը նստած էր, որ երբ ժողովուրդին անցնիլը լսեց, հարցուց. – Ի՞նչ է այս։ Անոնք ըսին. – Նազովրեցի Յիսուսը կ՚անցնի։ Կոյրը սկսաւ աղաղակել. – Յիսո՛ւս, Դաւիթի՜ Որդի, ողորմէ՛ ինծի։ Առջեւէն գացողները սաստեցին զայն՝ որ լռէ, իսկ անիկա աւելի բարձր ձայնով կ՚աղաղակէր. – Դաւիթի՜ Որդի, ողորմէ՛ ինծի։ Յիսուս կանգ առաւ եւ հրամայեց իրեն բերել կոյրը։ Երբ անիկա մօտեցաւ, Յիսուս հարցուց. – Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ քեզի։ Կոյրը ըսաւ. – Տէ՛ր, աչքերս թող բացուին, որ տեսնեմ։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Ուրեմն տե՛ս. հաւատքդ քեզ բժշկեց։ Նոյն պահուն իսկ անիկա սկսաւ տեսնել եւ հետեւեցաւ Յիսուսի՝ փառաւորելով զԱստուած։ Ժողովուրդն ալ ասիկա տեսնելով զԱստուած կ՚օրհնաբանէր։ Յիսուս Երիքով մտաւ եւ կ՚անցնէր քաղաքէն։ Զակքէոս անունով մարդ մը, որ մաքսապետ էր եւ հարուստ, կ՚ուզէր տեսնել թէ ո՛վ է Յիսուսը, բայց ամբոխին պատճառով չէր յաջողեր՝ քանի կարճահասակ էր։ Ուստի առաջ վազեց եւ ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ, որպէսզի տեսնէ, որովհետեւ Յիսուս այդտեղէն պիտի անցնէր։ Յիսուս երբ հասաւ այդ տեղը, վեր նայեցաւ եւ ըսաւ. – Զակքէո՛ս, աճապարէ՛, վա՛ր իջիր, որովհետեւ այսօր պէտք է որ տունդ գիշերեմ։ Զակքէոս աճապարելով վար իջաւ եւ ուրախութեամբ ընդունեց Յիսուսը։ Բոլոր անոնք որոնք տեսան ասիկա, սկսան մրթմրթալ եւ ըսել. – Այս մարդը մեղաւորի մը տունը գնաց հիւր եղաւ։ Զակքէոս ոտքի ելաւ եւ Տիրոջ ըսաւ. – Տէ՛ր, ահա ունեցածիս կէսը աղքատներուն պիտի տամ եւ եթէ ոեւէ մէկը անիրաւած եմ՝ քառապատիկ պիտի հատուցանեմ անոր։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Այսօր այս տունը փրկուեցաւ, քանի այս մարդն ալ Աբրահամի զաւակ է։ Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փնտռելու եւ փրկելու։ Մինչ ժողովուրդը անոր ըսածները մտիկ կ՚ընէր, Յիսուս իր խօսքը շարունակեց, եւ Երուսաղէմի մօտեցած ըլլալով ու գիտնալով որ ժողովուրդը կը կարծէ թէ Աստուծոյ արքայութիւնը շուտով պիտի յայտնուի, հետեւեալ առակը պատմեց անոնց. Ազնուական մարդ մը կար, որ հեռաւոր երկիր մը գնաց, որպէսզի թագաւորական իշխանութիւն առնէ եւ իր երկիրը վերադառնայ։ Նախ քան մեկնիլը, կանչեց իր ծառաներէն տասը հոգի եւ իւրաքանչիւրին տասը ոսկի դրամ տուաւ եւ ըսաւ. «Շահարկեցէ՛ք այս դրամը, մինչեւ վերադարձս»։ Բայցիր քաղաքացիները կ՚ատէին զինք. հետեւաբար պատգամաւոր ղրկեցին իր ետեւէն, ըսելով. «Չե՛նք ուզեր որ ան մեր վրայ թագաւոր դառնայ»։ Երբ ազնուականը թագաւորական իշխանութիւնը առաւ եւ վերադարձաւ, անմիջապէս կանչեց իր ծառաները, որոնց դրամ տուած էր, գիտնալու համար թէ ի՛նչ շահած են։ Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, մէկ տուածիդ դէմ տասը շահեցայ»։ Տէրը ըսաւ. «Ապրի՛ս, բարի՛ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ բանին մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, ահա քեզ տասը քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ»։ Երկրորդ ծառան ալ եկաւ եւ ըսաւ. «Մէկ տուածիդ դէմ հինգ շահեցայ»։ Տէրը ըսաւ. «Քեզ ալ հինգ քաղաքներու վրայ կառավարիչ կը նշանակեմ»։ Երրորդը եկաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահաւասիկ տուած դրամդ, զայն պահեցի թաշկինակի մը մէջ ծրարած։ Կը վախնայի քեզմէ, որովհետեւ խիստ մարդ մըն ես։ Կ՚առնես ինչ որ քուկդ չէ եւ կը հնձես ինչ որ չես սերմանած»։ Տէրը ըսաւ անոր. «Չա՛ր ծառայ, քու խօսքովդ քեզ պիտի դատեմ։ Քանի գիտէիր որ խիստ մարդ մըն եմ, կ՚առնեմ ինչ որ իմս չէ եւ կը հնձեմ ինչ որ չեմ սերմանած, ինչո՞ւ դրամս շահարկողներուն չտուիր, քանի գիտէիր նաեւ թէ վերադարձիս զայն տոկոսով միասին պիտի պահանջէի»։ Ապա սպասաւորներուն ըսաւ. «Առէ՛ք իրմէ դրամը եւ տարէք տուէք անոր՝ որ տասնապատիկը շահած է»։ Անոնք ըսին. «Տէ՛ր, անիկա արդէն տասնպատիկը ունի»։ «Գիտցէք»,– ըսաւ ան,– «ունեցողին աւելիով պիտի տրուի, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած ամենէն փոքր բաժինն ալ։ Իսկ իմ թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց թագաւոր ըլլամ, հոս բերէք եւ իմ ներկայութեանս սպաննեցէք զանոնք»։ Այս խօսքը ըսելէ ետք Յիսուս շարունակեց իր ճամբան դէպի Երուսաղէմ։ Երբ Յիսուս մօտեցաւ Բեթփագէի եւ Բեթանիայի, մօտիկը այն լերան որ Ձիթենեաց կը կոչուի, աշակերտներէն երկու հոգի ղրկեց՝ անոնց պատուիրելով. – Գացէք սա դիմացի գիւղը։ Հազիւ մտած՝ հոն կապուած աւանակ մը պիտի գտնէք, որուն վրայ ո՛չ ոք նստած է տակաւին։ Քակեցէք զայն եւ բերէք։ Եթէ ոեւէ մէկը հարցնէ թէ ինչո՛ւ կը քակէք, իրեն ըսէք՝ « Տէրը պէտք ունի անոր»։ Երկու աշակերտները գացին եւ ամէն ինչ գտան այնպէս՝ ինչպէս Յիսուս ըսած էր իրենց։ Աւանակը հոն էր։ Եւ մինչ կը քակէին զայն, անոր տէրերը ըսին իրենց. – Ինչո՞ւ կը քակէք աւանակը։ Անոնք պատասխանեցին. – Տէրը պէտք ունի անոր։ Եւ զայն բերին Յիսուսի։ Ապա իրենց վերարկուները դրին աւանակին վրայ եւ Յիսուսը հեծցուցին անոր վրայ։ Եւ մինչ կը յառաջանար, ժողովուրդը վերարկուները ճամբուն վրայ կը փռէր։ Երբ մօտեցաւ Երուսաղէմի, հոն ուր Ձիթենեաց լերան զառիվարը կը սկսէր, աշակերտները բոլորն ալ սկսան ուրախութեամբ եւ բարձրաձայն զԱստուած օրհնաբանել՝ իրենց տեսած բոլոր հրաշագործութիւններուն համար, ըսելով. «Օրհնեալ է թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով. խաղաղութի՜ւն երկինքի մէջ եւ փա՜ռք Բարձրեալին»։ Փարիսեցիներէն ոմանք ամբոխին մէջէն ըսին Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, աշակերտներդ սաստէ որ լռեն։ Յիսուս պատասխանեց. է Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ ատոնք լռեն՝ քարերը պիտի աղաղակեն։ Երբ Յիսուս աւելի մօտեցաւ Երուսաղէմի եւ տեսաւ զայն, լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ. է Գոնէ այսօր գիտնայիր թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանայ խաղաղութիւնդ։ Բայց այլեւս պիտի չկրնաս տեսնել։ Որովհետեւ օրեր պիտի գան, երբ թշնամիներդ շուրջդ պատնէշ պիտի կանգնեն, պիտի պաշարեն եւ ամէն կողմէ պիտի նեղեն քեզ։ Հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ եւ սպաննեն բնակչութիւնդ։ Քար քարի վրայ պիտի չձգեն, որովհետեւ չգիտցար ժամանակը երբ Աստուած եկաւ քեզ փրկելու։ Ապա տաճար մտաւ եւ սկսաւ դուրս հանել աղաւնեվաճառներն ու գնողները, լումայափոխներուն սեղանները շրջեց եւ ըսաւ անոնց. է Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ», մինչ դուք աւազակներու որջի վերածած էք զայն։ Յիսուս ամէն օր տաճարին մէջ կ՚ուսուցանէր։ Աւագ քահանաները, Օրէնքի ուսուցիչներն ու ժողովուրդին ղեկավարները կ՚ուզէին զինք սպաննել։ Բայց չէին գիտեր թէ ի՛նչպէս ընեն, մանաւանդ որ ամբողջ ժողովուրդը անոր բերնէն կախուած՝ մտիկ կ՚ընէր իրեն։ Նոյն այդ օրերուն, մինչ Յիսուս տաճարին մէջ ժողովուրդին կ՚ուսուցանէր եւ Աւետարանը կը քարոզէր, աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները երէցներուն հետ վրայ հասան եւ ըսին անոր. – Ըսէ՛ մեզի, ի՞նչ իշխանութեամբ դուն այս գործերը կ՚ընես։ Ո՞վ քեզի այդ իշխանութիւնը տուաւ։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Ես ալ հարցում մը ունիմ ձեզի։ Ըսէ՛ք ինծի, Յովհաննէսի մկրտելու իշխանութիւնը Աստուծմէ՞ տրուած էր իրեն, թէ մարդոցմէ։ Անոնք իրարու հետ սկսան խորհիլ եւ ըսել. – Եթէ ըսենք՝ «Աստուծմէ», պիտի ըսէ՝ «Ուրեմն ինչո՞ւ չհաւատացիք անոր», իսկ եթէ ըսենք՝ «Մարդոցմէ», այն ատեն ամբողջ ժողովուրդը մեզ պիտի քարկոծէ, որովհետեւ բոլորն ալ համոզուած են որ Յովհաննէս մարգարէ մըն է։ Ապա պատասխանեցին. – Չե՛նք գիտեր թէ ո՛ւրկէ էր այդ իշխանութիւնը։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Այն ատեն ե՛ս ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ի՛նչ իշխանութեամբ այս գործերը կը կատարեմ։ Յետոյ Յիսուս հետեւեալ առակը պատմեց ժողովուրդին։ – Մէկը այգի մը տնկեց եւ զայն վարձու տուաւ մշակներու, իսկ ինք երկար ժամանակով մեկնեցաւ։ Այգեկութքի ժամանակ ծառայ մը ղրկեց մշակներուն մօտ, որպէսզի այգիին բերքէն իր բաժինը տան իրեն։ Մշակները ծեծեցին զայն եւ ձեռնունայն ետ ղրկեցին։ Ապա ուրիշ ծառայ մը ղրկեց. բայց մշակները զայն ալ ծեծեցին, անարգեցին եւ ձեռնունայն ետ ղրկեցին։ Երրորդ մըն ալ ղրկեց։ Մշակները զայն ալ վիրաւորեցին եւ դուրս նետեցին։ Այգիին տէրը ըսաւ. «Ի՞նչ ընեմ։ Սիրելի որդիս պիտի ղրկեմ. թերեւս պատկառին անկէ»։ Բայց մշակները երբ զայն տեսան, իրարու ըսին. «Ասիկա է ժառանգորդը. եկէք սպաննենք զայն, որպէսզի ժառանգութիւնը մեզի մնայ»։ Ապա զայն այգիէն դուրս հանեցին եւ սպաննեցին։ Հիմա, այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ մշակներուն։ Բնականաբար՝ պիտի գայ, պիտի սպաննէ նախկին մշակները եւ այգին ուրիշներու տայ։ Ժողովուրդը երբ ասիկա լսեց, ըսաւ. – Աստուած չընէ՛։ Իսկ Յիսուս ժողովուրդին նայեցաւ եւ ըսաւ. – Հապա ի՞նչ կը նշանակէ այն՝ ինչ որ Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է.– «Այն քարը, որ շինողները մերժեցին գործածել, յետոյ անկիւնաքար եղաւ»։ Ով որ այդ քարին զարնուի՝ պիտի խորտակուի, եւ որուն վրայ որ իյնայ՝ զայն պիտի ճզմէ։ Օրէնքի ուսուցիչներն ու աւագ քահանաները հասկնալով որ իրենց համար ըսաւ առակը, ուզեցին նոյն ժամուն ձերբակալել Յիսուսը, սակայն ժողովուրդէն վախցան։ Եւ սպասեցին յարմար առիթի։ Ապա Յիսուսի ղրկեցին քանի մը կաշառուած անձեր, որպէսզի կեղծաւորութեամբ իրենք զիրենք արդար ձեւացնելով՝ իրենց հարցումներով զայն ծուղակը ձգեն եւ պետութեան դատական իշխանութեան յանձնեն։ Ասոնք հարցուցին Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, գիտենք որ ճիշդը կը խօսիս եւ կը սորվեցնես. գիտենք որ անաչառ ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ կամքը կ՚ուսուցանես։ Ըսէ՛ մեզի, մեր Օրէնքին համաձայն պէ՞տք է կայսրին տուրք տանք, թէ ոչ։ Յիսուս հասկցաւ անոնց խորամանկութիւնը եւ ըսաւ. – Արծաթ դրամ մը ցոյց տուէք ինծի։ Անոնք ալ ցոյց տուին։ Ապա հարցուց. – Որո՞ւն նկարը եւ արձանագրութիւնը կայ վրան։ Անոնք պատասխանեցին. – Կայսրին։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Գացէ՛ք, ինչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք եւ ինչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէք։ Եւ այսպէս ժողովուրդին դիմաց չկրցան ծուղակը ձգել զայն եւ լռեցին՝ զարմանալով անոր տուած պատասխանին վրայ։ Սադուկեցիներէն ոմանք եկան Յիսուսի մօտ։ Սադուկեցիները կ՚ըսեն՝ թէ մեռելներու յարութիւն չկայ։ Անոնք Յիսուսի ըսին. – Վարդապե՛տ, Մովսէս հետեւեալ օրէնքը գրեց մեզի. «Եթէ ամուսնացած մէկը մեռնի առանց զաւակ ձգելու, թող մարդուն եղբայրը ամուսնանայ այրիին հետ, որպէսզի իր եղբօրը զաւակ տայ»։ Ժամանակին եօթը եղբայրներ կային։ Առաջինը ամուսնացաւ եւ առանց զաւակ ունենալու մեռաւ։ Երկրորդ եղբայրը ամուսնացաւ անոր կնոջ հետ եւ ինքն ալ առանց զաւակ ունենալու մեռաւ։ Երրորդն ալ եւ մինչեւ եօթներորդ եղբայրը նոյնպէս ամուսնացան անոր հետ եւ առանց զաւակ ունենալու մեռան։ Բոլորէն վերջ կինն ալ մեռաւ։ Արդ, մեռելներու յարութեան օրը կինը անոնցմէ որո՞ւն պիտի պատկանի, քանի եօթն ալ ամուսնացան անոր հետ։ Յիսուս պատասխանեց. – Այս աշխարհի մարդիկն ու կիները կ՚ամուսնանան. սակայն անոնք որոնք գալիք աշխարհին եւ մեռելներու յարութեան կ՚արժանանան՝ պիտի չամուսնանան։ Անոնք այլեւս չեն կրնար մեռնիլ, քանի հրեշտակներու նման պիտի ըլլան։ Անոնք Աստուծոյ որդիներ են, որովհետեւ մեռելներէն յարութիւն առած են։ Իսկ թէ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն՝ Մովսէս հասկցուց այրող մորենիին դրուագով, ուր անիկա Տիրոջ մասին կ՚ըսէ՝ «Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը»։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, այլ՝ ողջերուն, որովհետեւ իրեն համարբոլորն ալ կենդանի են։ Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք ըսին. – Վարդապե՛տ, լա՛ւ ըսիր։ Եւ այլեւս ոչ ոք կը համարձակէր Յիսուսի ոեւէ հարցում ընել։ Ապա Յիսուս անոնց հարցուց. – Ի՞նչպէս կ՚ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթի որդին է, երբ Դաւիթ ինքն իսկ Սաղմոսներու գիրքին մէջ կ՚ըսէ.– « Տէրը ըսաւ իմ Տիրոջս.– Աջ կողմս նստէ, մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»։ Եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս ուրեմն անոր որդին է։ Մինչ ամբողջ ժողովուրդը մտիկ կ՚ընէր իրեն, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. – Զգուշացէք Օրէնքի ուսուցիչներէն, որոնք կը սիրեն փառաւոր պատմուճաններով շրջիլ, հրապարակներու վրայ մարդոցմէ ողջոյններ ընդունիլ, ժողովարաններու մէջ առաջին աթոռները գրաւել եւ ընթրիքներու ընթացքին՝ պատուոյ տեղերը։ Մէկ կողմէ այրիներուն տուները անոնց ձեռքէն կը յափշտակեն, իսկ միւս կողմէ՝ կեղծաւորութեամբ իրենց աղօթքը կ՚երկարեն։ Անոնց դատապարտութիւնը աւելի խիստ պիտի ըլլայ։ Մինչ Յիսուս իր շուրջը կը դիտէր, տեսաւ մեծահարուստներ, որոնք իրենց նուէրները կը նետէին տաճարի գանձանակին մէջ։ Երբ տեսաւ աղքատ այրի մըն ալ, որ երկու լումայ նետեց գանձանակին մէջ, ըսաւ իր աշակերտներուն. – Վստահ գիտցէք, որ այդ աղքատ այրին բոլորէն աւելի նետեց գանձանակին մէջ։ Միւսները բոլորն ալ իրենց աւելորդ գումարներէն նուիրեցին Աստուծոյ, մինչ անիկա՝ հակառակ կարօտեալ ըլլալուն, իր ամբողջ ապրուստը նետեց։ Ոմանք տաճարին մասին խօսելով՝ կ՚ըսէին թէ գեղեցիկ քարերով եւ աշտարակներով զարդարուած է։ Յիսուս ըսաւ. – Այս բոլորը որ կը տեսնէք՝ պիտի քանդուին. օր պիտի գայ, երբ քար քարի վրայ պիտի չմնայ։ Անոնք հարցուցին. – Վարդապե՛տ, ե՞րբ պիտի ըլլայ ատիկա։ Ի՞նչ նշանով պիտի գիտնանք թէ ե՛րբ ատիկա պիտի պատահի։ Յիսուս ըսաւ. – Զգոյշ եղէք. չխաբուի՛ք։ Շատեր իմ անունովս պիտի գան եւ ըսեն. «Ես եմ Քրիստոսը », կամ՝ «Ժամանակը հասած է»։ Բայց մի՛ հետեւիք անոնց։ Մի՛ սարսափիք, երբ լսէք պատերազմներու եւ խռովութիւններու մասին, որովհետեւ պէտք է որ նախ անոնք պատահին։ Սակայն ատիկա չի՛ նշանակեր թէ արդէն աշխարհի վախճանն է։ Եւ շարունակեց. – Ազգեր իրարու դէմ պիտի կռուին եւ թագաւորութիւններ՝ թագաւորութիւններու դէմ։ Զօրաւոր երկրաշարժներ տեղի պիտի ունենան եւ զանազան տեղեր՝ սով եւ համաճարակ։ Երկինքէն սարսափազդու եւ մեծամեծ նշաններ պիտի երեւին։ Բայց այս բոլորէն առաջ ձեզ պիտի ձերբակալեն եւ հալածեն, ձեզ պիտի դատեն ժողովարաններու մէջ եւ բանտ նետեն. իմ պատճառովս ձեզ պիտի տանին թագաւորներու եւ կառավարիչներու դիմաց։ Ասիկա ձեզի առիթ պիտի ըլլայ վկայութիւն տալու իմ մասիս։ Այժմէն իսկ ձեր միտքերուն մէջ ըլլայ, որ սկիզբէն չմտածէ՛ք թէ ինչ պատասխան պիտի տաք, որովհետեւ ես ձեզի պէտք եղած խօսքը եւ իմաստութիւնը պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան հակառակիլ կամ պատասխան տալ ձեր բոլոր հակառակորդները։ Նոյնիսկ ձեր ծնողները, եղբայրները, ազգականներն ու բարեկամները պիտի մատնեն ձեզ եւ պիտի սպաննեն ձեզմէ ոմանք։ Ամէն մարդ պիտի ատէ ձեզ՝ իմ պատճառովս։ Սակայն ձեր գլուխէն մազ մը իսկ պիտի չկորսուի։ Եւ ձեր համբերութեամբ պիտի փրկէք ձեր հոգիները։ Երբ տեսնէք Երուսաղէմը զօրքերով շրջապատուած, գիտցէք որ անոր աւերումը մօտեցած է։ Այն ատեն անոնք որ Հրէաստանի մէջ են՝ թող լեռները փախչին, անոնք որ Երուսաղէմի մէջ են՝ թող քաղաքէն դուրս ելլեն, իսկ անոնք որ շրջակայքն են՝ թող քաղաք չմտնեն։ Որովհետեւ այդ օրերը աստուածային դատաստանի եւ պատիժի օրեր են, որպէսզի իրականանան Սուրբ գիրքերուն մէջ բոլոր գրուածները։ Բայց այդ օրերուն վա՜յ է եկեր յղիներուն եւ ստնտու կիներուն, որովհետեւ երկիրը մեծ տագնապի պիտի մատնուի եւ Աստուծոյ բարկութիւնը այս ժողովուրդին վրայ պիտի գայ։ Անոնք սրամահ պիտի ըլլան կամ գերի պիտի տարուին բոլոր ազգերուն մէջ։ Երուսաղէմը ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ որ ազգերուն ժամանակը լրանայ։ – Արեւուն, լուսինին եւ աստղերուն հետ կապ ունեցող նշաններ պիտի պատահին։ Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները տագնապի եւ շփոթութեան պիտի մատնուին ահեղ ձայներէն, որոնք կարծես ծովու ալեկոծումի գոչումը ըլլան։ Աշխարհի վրայ պատահելիքներու ակնկալութենէն մարդիկ սարսափէն պիտի նուաղին, որովհետեւ երկնային մարմինները պիտի սասանին։ Եւ այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Եւ երբ ասոնք սկսին պատահիլ, շտկուեցէք եւ ձեր գլուխները բարձրացուցէք, որովհետեւ ձեր փրկութիւնը մօտ է։ Ապա Յիսուս օրինակ մըն ալ տուաւ անոնց, ըսելով. – Նայեցէ՛ք թզենիին եւ բոլոր միւս ծառերուն։ Երբ տեսնէք որ ծիլ կը սկսին արձակել՝ կը գիտնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս ալ, երբ տեսնէք որ ըսածներս կը կատարուին՝ գիտցէք թէ Աստուծոյ արքայութիւնը մօտ է։ Վստահ եղէք, որ այս սերունդը չանցած՝ ասոնք բոլորը պիտի պատահին։ Նոյնիսկ եթէ երկինքն ու երկիրը անհետանան, խօսքերս պիտի չանհետանան։ – Գալով ձեզի, ուշադի՛ր եղէք ձեր անձերուն։ Չըլլայ որ ձեր սիրտերը գրաւուին կերուխումով, արբեցութեամբ եւ աշխարհիկ հոգերով, եւ յանկարծ այդ օրը ձեր վրայ գայ։ Որովհետեւ այդ օրը պիտի գայ ծուղակի պէս՝ բոլոր մարդոց, որոնք ամբողջ աշխարհի վրայ կ՚ապրին։ Ուստի արթուն եղէք եւ միշտ աղօթեցէք, որ արժանի ըլլաք այս պատահելիքներէնազատելու եւ Մարդու Որդիին ներկայութեան կանգնելու։ Յիսուս ամբողջ օրը տաճարին մէջ կ՚ուսուցանէր, իսկ երեկոյեան կ՚երթար Ձիթենեաց կոչուած լեռը՝ գիշերելու։ Առաւօտ կանուխ ամբողջ ժողովուրդը տաճար կ՚երթար զինք լսելու համար։ Մօտեցած էր Բաղարջակերաց տօնը, որ Զատիկկը կոչուի։ Աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները սկսան Յիսուսը ծածկաբար սպաննելու հնարք մը փնտռել, քանի ժողովուրդէն կը վախնային։ Ապա Սատանան մտաւ Իսկարիոտացի կոչուած Յուդային մէջ, որ տասներկու աշակերտներէն մէկն էր։ Ասիկա գնաց եւ խօսեցաւ աւագ քահանաներուն, Օրէնքի ուսուցիչներուն եւ տաճարի պահակապետներուն հետ, որպէսզի Յիսուսը անոնց յանձնէ։ Անոնք շատ ուրախացան եւ խոստացան դրամ տալ իրեն։ Յուդա համաձայնեցաւ եւ յարմար առիթ մը կը փնտռէր, որպէսզի Յիսուսը մատնէ անոնց՝ ժողովուրդէն ծածուկ։ Եկաւ Բաղարջակերաց օրը, երբ պէտք էր որ Զատիկին համար գառնուկը մորթուէր։ Յիսուս Պետրոսն ու Յովհաննէսը ղրկեց՝ պատուիրելով. – Գացէք եւ զատկական ընթրիքը պատրաստեցէք, որպէսզի ուտենք։ Անոնք հարցուցին. – Ո՞ւր կ՚ուզես որ ընթրիքը պատրաստենք։ Յիսուս ըսաւ. – Հազիւ քաղաք մտած՝ մարդու մը պիտի հանդիպիք, որ ջուրի սափոր մը շալկած է։ Հետեւեցէ՛ք անոր եւ մտէք այն տունը ուր ինք կը մտնէ, եւ տանտիրոջ ըսէք. « Վարդապետը կ՚ըսէ, թէ ո՛ւր է սենեակը ուր ես աշակերտներուսհետ զատկական ընթրիքը պիտի ուտեմ»։ Անիկա վերնայարկը մեծ եւ կահաւորուած սենեակ մը ցոյց պիտի տայ ձեզի։ Հոն պատրաստեցէք ընթրիքը։ Անոնք գացին եւ ամէն ինչ գտան Յիսուսի ըսածինպէս եւ պատրաստեցին զատկական ընթրիքը։ Երբ ժամը հասաւ, Յիսուս տասներկու առաքեալներուն հետ սեղան բազմեցաւ, եւ ըսաւ անոնց. – Շատ փափաքեցայ զատկական այս ընթրիքը ձեզի հետ ընել չարչարուելէս առաջ։ Բայց կ՚ըսեմ ձեզի, թէ այլեւս ասկէ պիտի չուտեմ, մինչեւ որ ճշմարիտ Զատիկը կատարուի Աստուծոյ արքայութեան մէջ։ Ապա գինիի բաժակը առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ ըսաւ. – Առէ՛ք ասիկա եւ իրարու փոխանցեցէք՝ խմելով ասկէ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ասկէ ետք գինի պիտի չխմեմ, մինչեւ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ։ Ապա հաց առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, կտրեց եւ աշակերտներուն տուաւ, ըսելով. – Ասիկա մարմինս է, որ ձեզի համար տրուած է։ Ասիկա կատարեցէք իմ յիշատակիս համար։ Նոյնպէս, ընթրիքէն ետք, բաժակն ալ առաւ եւ ըսաւ. – Այս բաժակը Աստուծոյ նոր ուխտն է, կնքուած իմ արիւնովս, որ ձեզի համար կը հոսի։ Բայց ահա զիս մատնողը ինծի հետ սեղան նստած է։ Ճիշդ է որ Մարդու Որդին պիտի մեռնի՝ ինչպէս որ Աստուած սահմանած է, բայց վա՜յ այն մարդուն որ զայն կը մատնէ։ Անոնք սկսան իրարու հարցնել թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի ընէ ատիկա։ Աշակերտներուն մէջ վէճ ծագեցաւ թէ իրենցմէ ո՛վ պիտի նկատուի մեծը։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Ազգերու թագաւորները կը տիրեն իրենց ժողովուրդներուն վրայ եւ իշխողները բարերար կը կոչուին իրենց հպատակներուն կողմէ։ Բայց ձեր պարագային այդպէս պէտք չէ ըլլայ։ Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս։ Ո՞վ է մեծը. սեղան բազմո՞ղը թէ սպասաւորը։ Անշուշտ որ սեղան բազմողը։ Բայց ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ։ Դուք միշտ քովս մնացիք փորձութիւններուս ընթացքին, եւ ես ահա կը խոստանամ թագաւորութիւն տալ ձեզի, ինչպէս Հայրս ինծի տալ խոստացաւ։ Իմ թագաւորութեանս մէջ իմ սեղանէս պիտի ուտէք ու խմէք եւ պիտի բազմիք գահերու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը։ Ապա Տէրը ըսաւ. – Սիմո՛ն, Սիմո՛ն, ահա Սատանան ուզեց ձեզ ցորենի պէս մաղէ անցընել. բայց ես քեզի համար աղօթեցի, որ հաւատքդ չտկարանայ. եւ երբ կրկին ինծի դառնաս՝ եղբայրներդ ալ քաջալերես։ Պետրոս ըսաւ. – Տէ՛ր, պատրաստ եմ քեզի հետ թէ՛ բանտ երթալու եւ թէ՛ մեռնելու։ Յիսուս ըսաւ. – Պետրո՛ս, քեզի կ՚ըսեմ՝ որ այսօր աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս՝ ըսելով որ զիս չես ճանչնար։ Ապա Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ. – Երբ ձեզ առանց քսակի, ճամբու պարկի եւ կօշիկի ղրկեցի, արդեօք բանի մը պէտք ունեցա՞ք։ Անոնք պատասխանեցին. – Ո՛չ մէկ բանի։ Եւ ըսաւ. – Բայց այժմ, ով որ քսակ կամ ճամբու պարկ ունի, թող առնէ։ Իսկ ան որ սուր չունի՝ թող իր վերարկուն ծախէ եւ իրեն համար սուր գնէ։ Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ իմ մասիս Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուածը, թէ՝ «Չարագործներուն կարգին դասուեցաւ», պէտք է իրականանայ, որովհետեւ ինչ որ իմ մասիս գրուած է՝ ահա կը կատարուի։ Աշակերտները ըսին. – Տէ՛ր, ահաւասիկ հոս երկու սուր կայ։ Յիսուս ըսաւ. – Կը բաւէ՛։ Ապա Յիսուսիր սովորութեան համաձայն ելաւ գնաց Ձիթենեաց լեռ։ Աշակերտներն ալ իրեն հետեւեցան։ Երբ հոն հասաւ, ըսաւ անոնց. – Աղօթեցէք որ փորձութեան մէջ չիյնաք։ Իսկ ինք քարընկէց մը հեռացաւ անոնցմէ, ծունկի եկաւ եւ աղօթեց, ըսելով. – Հա՛յր, եթէ ուզես՝ այս բաժակը հեռացո՛ւր ինձմէ. բայց ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ թող ըլլայ։ Երկինքէն իրեն հրեշտակ մը երեւցաւ, որ զինք կը զօրացնէր։ Տագնապի մէջ ըլլալով՝ աւելի ջերմեռանդութեամբ կ՚աղօթէր, եւ քրտինքը արիւնի կաթիլներու պէս ոլոռ–ոլոռ գետին կը հոսէր։ Աղօթքէն ելլելով՝ Յիսուս աշակերտներուն մօտ եկաւ եւ զանոնք իրենց տրտմութենէն յոգնած, քնացած գտաւ եւ ըսաւ. – Ինչո՞ւ կը քնանաք. ելէք եւ աղօթեցէ՛ք, որ փորձութեան մէջ չիյնաք։ Տակաւին կը խօսէր, երբ ահա հասաւ ամբոխ մը՝ Յուդայի առաջնորդութեամբ, որ տասներկու աշակերտներէն էր։ Յուդա երբ մօտեցաւ Յիսուսի, համբուրեց զայն։ Որովհետեւ մատնիչը անոնց նշան տուած էր, ըսելով. – Ով որ համբուրեմ՝ անիկա է Յիսուսը. ձերբակալեցէք զայն։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Յուդա՛, համբուրելո՞վ կը մատնես Մարդու Որդին։ Աշակերտները, որոնք Յիսուսի շուրջն էին եւ պատահածը տեսան, ըսին անոր. – Տէ՛ր, սուրով զարնե՞նք անոնց։ Աշակերտներէն մէկը Քահանայապետին ծառային զարկաւ եւ անոր աջ ականջը կտրեց։ Յիսուս ըսաւ. – Կեցէ՛ք, կը բաւէ՛։ Ապա դպաւ ծառային ականջին եւ բժշկեց զայն։ Իսկ աւագ քահանաներուն, տաճարի սպաներուն եւ երէցներուն, որոնք եկած էին զինք ձերբակալելու, ըսաւ. – Աւազա՞կ եմ որ այդպէս սուրերով ու բիրերով վրաս կը յարձակիք։ Ամէն օր ձեզի հետ էի տաճարին մէջ եւ չփորձեցիք զիս ձերբակալել։ Բայց ասիկա ահա ձեր ժամն է, խաւարի իշխանութեան ժամը։ Անոնք ձերբակալեցին Յիսուսը եւ բերին Քահանայապետին տունը։ Պետրոս հեռուէն կ՚երթար անոր ետեւէն։ Երբ գաւիթին մէջտեղը կրակ վառեցին եւ շուրջը նստան, Պետրոս ալ անոնց մէջ տեղաւորուեցաւ։ Աղախին մը, տեսնելով Պետրոսը, որ կրակին մօտ նստեր էր, շեշտակի նայեցաւ անոր եւ ըսաւ. – Ասիկա ալ անոր հետ էր։ Պետրոս ուրացաւ եւ ըսաւ. – Ո՛վ կին, չե՛մ ճանչնար զայն։ Քիչ ետք ուրիշ մէկն ալ զինք տեսաւ եւ ըսաւ. – Դո՛ւն ալ անոնցմէ ես։ Պետրոս ըսաւ. – Ո՛վ մարդ, ես անոնցմէ չեմ։ Շուրջ ժամ մը ետք, ուրիշ մէկն ալ կը պնդէր ու կ՚ըսէր. – Ճի՛շդ է, ասիկա ալ անոր հետ էր, որովհետեւ Գալիլեացի է։ Պետրոս ըսաւ. – Ո՛վ մարդ, չեմ գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսիս։ Եւ անմիջապէս, մինչ Պետրոս ասիկա կ՚ըսէր, աքաղաղը կանչեց։ Տէրը դարձաւ եւ նայեցաւ Պետրոսի։ Իսկ Պետրոս յիշեց Տիրոջ խօսքը որ ըսած էր իրեն, թէ «Տակաւին աքաղաղը չկանչած, երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս՝ ըսելով թէ զիս չես ճանչնար»։ Դուրս ելաւ եւ լացաւ դառնագին։ Այն մարդիկը, որոնք Յիսուսի վրայ պահակ կեցած էին, կը ծաղրէին զինք եւ կը ծեծէին։ Դէմքը կը ծածկէին, կը զարնէին ու կը հարցնէին. – Գիտցի՛ր, ո՞վ է քեզի զարնողը։ Եւ ուրիշ շատ մը հայհոյալից խօսքերով կը նախատէին զինք։ Երբ առաւօտ եղաւ, ժողովուրդին երէցները, աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները հաւաքուեցան, Յիսուսը բերել տուին իրենց Ատեանը եւ ըսին անոր. – Եթէ դուն ես Քրիստոսը, ըսէ՛ մեզի։ Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ ըսեմ՝ պիտի չհաւատաք, եւ եթէ հարցում ընեմ ձեզի՝ պատասխան պիտի չտաք եւ ոչ ալ պիտի արձակէք զիս։ Բայց ասկէ ետք Մարդու Որդին պիտի նստի ամենազօր Աստուծոյ աջ կողմը։ Բոլորը ըսին. – Ուրեմն դուն Աստուծոյ Որդի՞ն ես։ Յիսուս պատասխանեց. – Դուք կ՚ըսէք արդէն որ ես եմ։ Անոնք ըսին. – Ալ ի՞նչ պէտք կայ վկայութեան, որովհետեւ մենք անձամբ լսեցինք ի՛ր իսկ բերնէն։ Ասոր վրայ բոլորը մէկ ոտքի ելան։ Յիսուսը տարին Պիղատոսի մօտ եւ սկսան ամբաստանել զայն, ըսելով. – Մենք տեսանք որ այս մարդը մեր ժողովուրդը կը մոլորեցնէր եւ կ՚արգիլէր կայսրին տուրք տալ, ինչպէս նաեւ իր անձին համար կ՚ըսէր՝ թէ ինք Քրիստոսն է, օծեալ թագաւորը։ Պիղատոս հարցուց Յիսուսի. – Դո՞ւն ես Հրեաներու թագաւորը։ Յիսուս անոր պատասխանեց. – Ահա դուն կ՚ըսես։ Ապա Պիղատոս աւագ քահանաներուն եւ ժողովուրդին ըսաւ. – Այս մարդուն վրայ յանցանք չեմ գտներ։ Սակայն անոնք կը պնդէին ու կ՚ըսէին. – Անիկա իր ուսուցումներով ամբողջ ժողովուրդը ըմբոստութեան կը մղէ ամբողջ Հրէաստանի մէջ, Գալիլեայէն սկսեալ մինչեւ հոս։ Պիղատոս երբ Գալիլեա անունը լսեց, հարցուց. – Այս մարդը Գալիլեացի՞ է։ Եւ երբ գիտցաւ որ Հերովդէսի իշխանութեան հպատակ է, զայն ղրկել տուաւ Հերովդէսի, որ ինք ալ այդ օրերուն Երուսաղէմ կը գտնուէր։ Հերովդէս շատ ուրախացաւ երբ տեսաւ Յիսուսը, որովհետեւ շատ յաճախ լսելով անոր մասին, երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ուզէր տեսնել զայն եւ կը յուսար որ անիկա իր ներկայութեան հրաշք մը կը գործէ։ Հերովդէս շատ մը հարցումներ ըրաւ Յիսուսի, սակայն անիկա բնաւ չէր պատասխաներ։ Աւագ քահանաները եւ Օրէնքի ուսուցիչները կեցած էին հոն եւ աւելի բուռն ամբաստանութիւններ կ՚ընէին անոր դէմ։ Հերովդէս ալ իր զինուորներուն հետ նախատեց Յիսուսը եւ զայն ծաղրելու համար փառաւոր պատմուճան մը հագցուց անոր եւ վերստին Պիղատոսի ղրկեց։ Այդ օր Պիղատոս եւ Հերովդէս, որոնք նախապէս թշնամիներ էին, բարեկամ դարձան։ Պիղատոս իր մօտ կանչեց աւագ քահանաները, իշխաններն ու ժողովուրդը եւ ըսաւ անոնց. – Դուք այս մարդը ինծի բերիք, ըսելով թէ ժողովուրդը ապստամբութեան կը մղէ։ Ահա ձեր ներկայութեան ես հարցաքննեցի զայն եւ իր մասին ձեր ըրած ամբաստանութիւններէն ո՛չ մէկ բան գտայ իր վրայ։ Զայն Հերովդէսի ղրկեցի, եւ ան ալ յանցանք չգտաւ։ Այս մարդը մահուան արժանի բան կատարած չէ ուրեմն։ Ես անոր պատիժ մը տամ եւ արձակեմ։ Պիղատոս ամէն Զատիկի տօնին պէտք էր որ բանտարկեալ մը ազատ արձակէր։ Ամբողջ ամբոխը աղաղակեց. – Սպաննէ՛ զայն։ Կ՚ուզենք որ Բարաբբան ազատ արձակես։ Բարաբբան բանտարկուած էր, որովհետեւ քաղաքին մէջ խռովութիւն յարուցած էր եւ մէկը սպաննած։ Պիղատոս դարձեալ ժողովուրդին խօսեցաւ, որովհետեւ կ՚ուզէր Յիսուսը ազատ արձակել։ Սակայն անոնք նորէն կ՚աղաղակէին. – Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ զայն։ Պիղատոս երրորդ անգամ ըսաւ անոնց. – Բայց այս մարդը ի՞նչ յանցանք գործած է։ Մահուան արժանի ո՛չ մէկ բան գտայ իր վրայ։ Ուստի անոր պատիժ մը տամ եւ արձակեմ։ Սակայն անոնք բարձրաձայն կանչերով կը պնդէին ու կը պահանջէին որ խաչուի։ Երբ ժողովուրդին եւ աւագ քահանաներուն աղաղակները զօրացան, Պիղատոս տեղի տուաւ անոնց պահանջներուն։ Եւ իրենց պահանջքին համաձայն՝ ազատ արձակեց Բարաբբան, որ խռովութիւն յարուցած ըլլալուն եւ մարդասպանութեան համար բանտարկուած էր. իսկ Յիսուսը յանձնեց անոնց, որպէսզի իրենց ուզածը ընեն։ Երբ զինուորները Յիսուսը առած կը տանէին, ճամբուն վրայ բռնեցին Կիւրենացի Սիմոն անունով մէկը, որ արտէն կու գար, եւ անոր ուսերուն դրին խաչը, որպէսզի Յիսուսի ետեւէն տանի։ Հսկայ բազմութիւն մը կը հետեւէր Յիսուսի։ Կիներ կուլային ու կ՚ողբային իր վրայ։ Յիսուս անոնց դառնալով ըսաւ. – Երուսաղէմի՛ աղջիկներ, մի՛ լաք իմ վրաս, այլ լացէք դուք ձեր եւ ձեր զաւակներուն վրայ։ Որովհետեւ օրեր պիտի գան, երբ մարդիկ պիտի ըսեն. «Երանի՜ ամուլներուն, այն կիներուն՝ որոնք զաւակ չծնան եւ չդիեցուցին»։ Այն ատեն մարդիկ լեռներուն պիտի ըսեն՝ «Մեր վրայ ինկէք». «Մեզ ծածկեցէք»,– պիտի ըսեն բլուրներուն։ Որովհետեւ եթէ այսպէս կը վարուին դալար փայտին հետ, հապա ի՞նչ պիտի ընեն չորին։ Երկու այլ չարագործներ ալ բերին, որպէսզի Յիսուսի հետ սպաննուին Երբ հասան Գանկ կոչուած վայրը, հոն խաչեցին Յիսուսը եւ երկու չարագործները՝ մէկը անոր աջ կողմը, իսկ միւսը՝ ձախ։ Յիսուս ըսաւ. – Հա՜յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն։ Ապա զինուորներըվիճակ ձգելով անոր հագուստները բաժնեցին իրենց միջեւ։ Ժողովուրդը կեցած կը դիտէր, մինչ իշխանները անոնց հետ կը հեգնէին զայն, ըսելով. – Ուրիշները ազատեց. թող ինքզինք ալ ազատէ, եթէ իրապէս Քրիստոսն՝ է ինք, Աստուծոյ ընտրեալ Որդին։ Զինուորներն ալ կը ծաղրէին եւ դիմացը գալով քացախ կու տային ու կ՚ըսէին. է Եթէ Հրեաներու թագաւորն ես՝ դուն քեզ ազատէ՛։ Իր խաչին վրայ Յունարէն, Լատիներէն եւ Եբրայերէն արձանագրութիւն մըն ալ կար.է «Ասիկա է Հրեաներու թագաւորը»։ Կախուած չարագործներէն մէկը կը նախատէր զայն, ըսելով. է Դուն չե՞ս Քրիստոսը, ազատէ թէ՛ դուն քեզ, թէ՛ մեզ։ Բայց միւս չարագործը սաստեց զայն եւ ըսաւ. – Աստուծմէ չե՞ս վախնար, դուն՝ որ նոյն պատիժը կը կրես։ Տակաւին մեր պատիժը իրաւացի է, որովհետեւ մենք մեր ըրածին արժանի հատուցումն է որ կը ստանանք, մինչդեռ ասիկա գէշ բան մը չէ ըրած։ Եւ ապա ըսաւ Յիսուսի. – Տէ՛ր, յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութեամբդ գաս։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Վստահ եղիր, այսօր ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ։ Գրեթէ կէսօր էր, երբ արեւը խաւարեցաւ եւ ամբողջ երկիրը խաւարի մէջ մնաց մինչեւ ժամը երեք։ Տաճարին վարագոյրը մէջտեղէն պատռուեցաւ։ Այն ատեն Յիսուս բարձրաձայն ըսաւ. – Հա՛յր, ձեռքերուդ մէջ կ՚աւանդեմ հոգիս։ Այս խօսքը ըսաւ եւ հոգին աւանդեց։ Հարիւրապետը պատահածը տեսնելով՝ զԱստուած փառաւորեց, ըսելով. – Իրապէս որ այս մարդը արդար էր։ Եւ բոլորն ալ, որոնք եկած էին դիտելու, երբ տեսան պատահածները, իրենց կուրծքը ծեծելով տուն դարձան։ Այնտեղ, հեռուն կեցած էին Յիսուսի բոլոր ծանօթները, ինչպէս նաեւ այն կիները, որոնք Գալիլեայէն իրեն հետեւած էին, եւ կը դիտէին եղածները։ Ասիկա գնաց Պիղատոսի մօտ եւ խնդրեց որ Յիսուսի մարմինը իրեն տրուի։ Ապա խաչէն իջեցուցզայն, պատանքով փաթթեց եւ դրաւ զայն ժայռափոր գերեզմանի մը մէջ, ուր նախապէս ոեւէ մէկը չէր թաղուած։ Օրը Ուրբաթ էր եւ Շաբաթ օրը պիտի սկսէր։ Կիները, որոնք Գալիլեայէն Յիսուսի հետեւած էին, Յովսէփի հետ գացին, տեսան գերեզմանը եւ թէ ի՛նչպէս անոր մարմինը հոն դրուեցաւ։ Ապա տուն վերադարձան եւ խունկեր ու իւղեր պատրաստեցին։ Եւ Շաբաթ օրը հանգիստ ըրին, ինչպէս որ Օրէնքը կը պատուիրէ։ Կիրակի առաւօտ շատ կանուխ, Մարիամ Մագդաղենացին, Յովհաննան եւ Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, ուրիշ կիներու հետ գերեզման եկան՝ իրենց հետ բերելով իրենց պատրաստած խունկերը։ Գերեզմանին մուտքը փակող քարը գլորուած գտնելով՝ ներս մտան, բայց Տէր Յիսուսի մարմինը հոն չգտան։ Մինչ պատահածին վրայ զարմանքէն ապշած էին, ահա երկու լուսազգեստ մարդիկ իրենց քով կանգնեցան։ Կիները սարսափեցան եւ վախէն իրենց դէմքը գետին դարձուցին։ Մարդիկը ըսին իրենց. – Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք։ Հոս չէ՛ ան. յարութի՛ւն առաւ։ Յիշեցէ՛ք ինչ որ ըսաւ՝ մինչ տակաւին ձեզի հետ Գալիլեա կը գտնուէր, թէ Մարդու Որդին պէտք էր յանձնուէր մեղաւոր մարդոց ձեռքը, պէտք էր խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր։ Եւ յիշեցին անոր խօսքերը։ Ապա գերեզմանէն վերադարձան եւ ինչ որ տեսան՝ պատմեցին տասնըմէկ առաքեալներուն եւ բոլոր միւս աշակերտներուն ։ Ասիկա առաքեալներուն պատմողները իրենք էին՝ Մարիամ Մագդաղենացին, Յովհաննան, Յակոբոսի մայրը՝ Մարիամը, եւ իրենց ընկերացող միւս կիները։ Առաքեալները ցնդաբանութիւն համարեցին անոնց պատմածները եւ չհաւատացին։ Բայց Պետրոս ելաւ գերեզման վազեց, ծռելով ներս նայեցաւ եւ գերեզմանին մէջ միայն պատանքը տեսաւ. ու զարմացած վերադարձաւ՝ մտածելով թէ ի՞նչ պատահեցաւ արդեօք։ Նոյն օրը աշակերտներէն երկուքը Եմմաուս անունով գիւղ մը կ՚երթային, որ Երուսաղէմէն շուրջ տասնըմէկ քիլոմեթր հեռու է։ Անոնք իրարու հետ կը խօսէին պատահած բոլոր անցուդարձերուն մասին։ Մինչ իրարու հետ կը խօսակցէին ու կը վիճէին, Յիսուս անձամբ մօտեցաւ անոնց եւ սկսաւ միասին երթալ։ Անոնց աչքերը այնպէս մը ծածկուած էին, որ չէին ճանչնար զայն։ Յիսուս հարցուց անոնց. – Ի՞նչ բանի մասին կը խօսիք ու կը վիճիք քալած ատեն. եւ տրտմած էք։ Անոնցմէ մէկը, որ Կղէոպաս կը կոչուէր, ըսաւ. – Երուսաղէմի մէջ միայն դո՞ւն կաս, որ չես գիտեր թէ այս օրերուն ինչ պատահեցաւ։ Յիսուս հարցուց. – Ի՞նչ բան։ Անոնք ըսին. – Այն ինչ որ պատահեցաւ Յիսուս Նազովրեցիին ։ Անիկա իր խօսքերով ու գործերով զօրաւոր մարգարէ մըն էր՝ Աստուծոյ եւ ամբողջ ժողովուրդին համար։ Մեր աւագ քահանաներն ու իշխանները զայն իշխանութեան յանձնեցին, որպէսզի մահուան դատապարտուի, եւ զայն խաչեցին։ Մենք կը յուսայինք որ Իսրայէլը ազատողը ինք պիտի ըլլար։ Այսուհանդերձ, ահա այսօր երրորդ օրն է որ այդ բաները պատահեցան։ Սակայն մեր մէջէն կարգ մը կիներ, որոնք այս առաւօտ կանուխ գերեզման գացած էին, զարմացուցին մեզ, ըսելով՝ թէ անոր մարմինը չէին գտած եւ թէ հրեշտակներ տեսած էին, որոնք իրենց յայտնած էին թէ անիկա ողջ է։ Մեզմէ ոմանք գերեզման գացին եւ ամէն ինչ գտան այնպէս՝ ինչպէս կիները ըսած էին։ Սակայն զայն չտեսան։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ո՛վ անմիտներ, որ կը դժուարանաք մարգարէներուն բոլոր ըսածներուն հաւատալու։ Պէտք չէ՞ր որ Քրիստոսը չարչարուէր՝ փառաւորուելու համար։ Ապա սկսաւ բացատրել Սուրբ գիրքերուն մէջ իր մասին գրուած բոլոր գրութիւնները, սկսեալ Մովսէսի գիրքերէն մինչեւ բոլոր մարգարէութիւնները։ Մօտեցած էին իրենց երթալիք գիւղին. սակայն Յիսուս այնպէս ձեւացուց թէ ինք աւելի հեռու տեղ մը պիտի երթար։ Անոնք ստիպեցին զայն, ըսելով. – Մեր քով գիշերէ, որովհետեւ արդէն իսկ երեկոյ է եւ ահա կը մթննայ։ Յիսուս անոնց հետ տուն մտաւ գիշերելու համար։ Երբ անոնց հետ սեղան բազմեցաւ, առաւ հացը, օրհնեց, կտրեց եւ անոնց տուաւ։ Անմիջապէս անոնց աչքերը բացուեցան եւ ճանչցան զինք, բայց ինք անոնց աչքերէն անյայտացաւ։ Անոնք իրարու ըսին. – Մեր սիրտերը չէի՞ն ճմլուեր, երբ անիկա ճամբու ընթացքին մեզի հետ կը խօսէր եւ Սուրբ գիրքերը կը բացատրէր։ Անոնք անմիջապէս ելան եւ վերադարձան Երուսաղէմ, ուր հաւաքուած գտան տասնըմէկ աշակերտները եւ ուրիշ հետեւորդներ, որոնք ըսին. – Իրապէ՛ս որ Տէրը յարութիւն առաւ եւ երեւցաւ Սիմոնի։ Իսկ անոնք պատմեցին՝ ինչ որ իրենց պատահած էր ճամբու ընթացքին, եւ թէ ի՛նչպէս Յիսուս ինքզինք իրենց ճանչցուց՝ հացը կտրած ատեն։ Մինչ այս մասին կը խօսէին, ահա նոյնինքն Յիսուս կեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց. – Խաղաղութի՜ւն ձեզի։ Ես եմ, մի՛ վախնաք։ Անոնք վախցած ու սարսափած՝ կարծեցին թէ ոգի մը կը տեսնեն։ Բայց ըսաւ անոնց. – Ի՞նչ իրար անցեր էք եւ ինչո՞ւ կասկածներ կ՚ունենաք ձեր միտքերուն մէջ։ Նայեցէ՛ք ձեռքերուս եւ ոտքերուս. նոյնինքն ե՛ս եմ։ Շօշափեցէ՛ք զիս եւ պիտի տեսնէք որ միս ու ոսկոր ունիմ, բան մը՝ որ ոգին չ՚ունենար։ Ասիկա ըսած ատեն անոնց ցոյց տուաւ ձեռքերն ու ոտքերը։ Եւ մինչ իրենց ուրախութենէն չէին հաւատար եւ տակաւին զարմացած էին, Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ուտելիք բան մը ունի՞ք հոս։ Անոնք իրեն տուին խորոված ձուկի կտոր մը եւ մեղրի խորիսխ, եւ ինք անոնց դիմաց կերաւ ու մնացեալը անոնց տուաւ։ Ապա ըսաւ. – Այս բոլորը ձեզի ըսած էի արդէն, երբ ձեզի հետ էի, թէ պէտք էր որ իրականանային Մովսէսի Օրէնքի գիրքին, մարգարէական գիրքերուն եւ Սաղմոսներուն մէջ իմ մասիս գրուածները։ Յետոյ անոնց միտքերը բացաւ, որպէսզի հասկնան Սուրբ գիրքերը, եւ ըսաւ անոնց. – Գրուած է, որ Քրիստոս այսպէս պէտք էր չարչարուէր եւ երեք օր ետք յարութիւն առնէր. անոր անունով ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն պէտք էր քարոզուէր բոլոր ժողովուրդներուն՝ Երուսաղէմէն սկսեալ։ Դուք այս բոլորին վկան էք։ Եւ ահա ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրս տուած խոստումը։ Մնացէ՛ք Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ երկինքէն զօրութիւն ստանաք։ Ապա տարաւ զանոնք մինչեւ Բեթանիա եւ ձեռքերը վեր բարձրացնելով՝ օրհնեց զանոնք։ Եւ մինչ կ՚օրհնէր, բաժնուեցաւ անոնցմէ, դէպի երկինք բարձրանալով։ Անոնք երկրպագեցին Յիսուսի եւ մեծ ուրախութեամբ վերադարձան Երուսաղէմ։ Ամէն օր տաճարին մէջ էին՝ գովելով ու օրհնաբանելով զԱստուած։ Աշխարհիստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւնունէր Բանը։ Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր։ Անով էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց։ Կեանքը անով սկիզբ առաւ։ Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է՝ որ խաւարին մէջ կը փայլի. բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զայն։ Յովհաննէս, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարդ մըն էր, եկաւ Լոյսին համար վկայութիւն տալու, որպէսզի ամէն մարդ անոր միջոցաւ հաւատայ։ Ինք Լոյսը չէր, այլ՝ Լոյսին համար վկայ մը։ Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը։ Աշխարհի մէջ էր անիկա, աշխարհը իրմով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը զինք չճանչցաւ։ Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց իր իսկ ստեղծած մարդիկը զինք չընդունեցին։ Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով։ Եւ Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը. փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն։ Յովհաննէս անոր մասին վկայեց, յայտարարելով. – Ասիկա է ան՝ որուն մասին կ՚ըսէի. «Ան որ ինձմէ ետք պիտի գայ՝ ինձմէ մեծ է, որովհետեւ ինձմէ առաջ գոյութիւն ունէր»։ Անոր լիառատ շնորհքէն է որ մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք. որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Ոեւէ մէկը երբեք զԱստուած չէ տեսած, բացի Միածինէն, որ Աստուած է եւ Հօրմէն անբաժան. եւ Որդին էր որ մեզի ճանչցուց զայն։ Յովհաննէս հետեւեալ վկայութիւնը տուաւ, երբ Հրեայ ղեկավարներ Երուսաղէմէն քահանաներ եւ Ղեւտացիներ ղրկեցին իրեն՝ որպէսզի հարցնեն. – Ո՞վ ես դուն։ Անիկա առանց վարանելու խոստովանեցաւ եւ յայտարարեց. – Ես չեմ Քրիստոսը ։ – Հապա ո՞վ ես դուն,– հարցուցին.– Եղիա՞ն ես։ – Ո՛չ, Եղիան չեմ,– պատասխանեց։ – Մարգարէ՞ն ես դուն,– հարցուցին։ – Ո՛չ,– պատասխանեց։ – Ուրեմն ըսէ՛ մեզի, ո՞վ ես դուն, որպէսզի պատասխան մը տանք մեզ ղրկողներուն։ Դուն քու մասիդ ի՞նչ կ՚ըսես։ Յովհաննէս պատասխանեց. – Ես «անապատին մէջ աղաղակողին ձայնն եմ,– ինչպէս կ՚ըսէ Եսայի մարգարէն,– հարթեցէ՛ք Տիրոջ ճամբան»։ Ղրկուած պատգամաւորները, որոնք Փարիսեցիներ էին, հարցուցին Յովհաննէսի. – Հապա ինչո՞ւ կը մկրտես, եթէ դուն Քրիստոսը չես, ոչ ալ Եղիան կամ մարգարէն։ Յովհաննէս պատասխանեց. – Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ, բայց ձեր մէջ կայ մէկը, թէպէտ դուք չէք ճանչնար, որ ինձմէ ետք եկողն է։ Ես անոր կօշիկներուն կապերն անգամ քակելու արժանի չեմ։ Այս խօսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Բեթաբարայի մէջ, Յորդանան գետին միւս կողմը, ուր Յովհաննէս կը մնար ու կը մկրտէր։ Յաջորդ օր Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը, որ իրեն կու գար, եւ ըսաւ. – Ահաւասիկ Աստուծոյ գառնուկը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ։ Ասիկա է այն անձը, որուն համար կ՚ըսէի. «Ինձմէ ետք կու գայ մէկը, որ ինձմէ մեծ է, որովհետեւ ինձմէ առաջ գոյութիւն ունէր»։ Ես ինքս ալ չէի ճանչնար զայն. բայց ես եկայ եւ ջուրով մկրտեցի, որպէսզի անիկա Իսրայէլի ժողովուրդին յայտնուի ։ Յովհաննէս տուաւ այս վկայութիւնն ալ. – Տեսայ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ՚իջնէր երկինքէն եւ կը հանգչէր անոր վրայ։ Այո՛, ես չէի ճանչնար զինք, բայց ան՝ որ զիս ղրկեց ջուրով մկրտելու, ըսաւ ինծի. «Որուն վրայ որ տեսնես թէ կ՚իջնէ ու կը հանգչի Հոգին, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ»։ Ես տեսայ ատիկա եւ կը վկայեմ թէ ի՛նքն է Աստուծոյ Որդին։ Յաջորդ օր Յովհաննէս դարձեալ հոն կեցած էր իր երկու աշակերտներուն հետ։ Տեսնելով որ Յիսուսը այդտեղէն կ՚անցնէր, ըսաւ. – Ահաւասիկ Աստուծոյ գառնուկը։ Երկու աշակերտները լսելով Յովհաննէսի այս խօսքը, հետեւեցան Յիսուսի։ Յիսուս երբ ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ որ անոնք իրեն կը հետեւին, ըսաւ. – Ի՞նչ կ՚ուզէք։ Անոնք ըսին. – Ռաբբի՛, ո՞ւր կը մնաս։ (Ռաբբի կը նշանակէ վարդապետ, այսինքն՝ ուսուցիչ)։ Յիսուս պատասխանեց. – Եկէք եւ տեսէք։ Անոնք գացին եւ տեսան թէ ո՛ւր կը մնար, եւ այդ օրը անոր մօտ մնացին, որովհետեւ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը չորս էր։ Անդրէասը՝ Սիմոն Պետրոսի եղբայրը, մէկն էր այն երկու աշակերտներէն, որոնք Յովհաննէսի վկայութիւնը լսեցին եւ Յիսուսի հետեւեցան։ Անիկա անմիջապէս իր եղբայրը՝ Սիմոնը գտաւ եւ ըսաւ անոր. – Մեսիան գտանք։ (Մեսիա կը նշանակէ Քրիստոս, այսինքն՝ Օծեալ)։ Յետոյ տարաւ զինք Յիսուսի մօտ։ Յիսուս նայեցաւ անոր եւ ըսաւ. – Դուն Սիմոնն ես, Յովնանի որդին։ Դուն Կեփաս պիտի կոչուիս։ (Կեփաս կը նշանակէ Պետրոս, այսինքն՝ ժայռ)։ Յաջորդ օր Յիսուս մտադրեց Գալիլեա երթալ։ Տեսաւ Փիլիպպոսը եւ ըսաւ անոր. – Հետեւէ՛ ինծի։ Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր, Անդրէասի եւ Պետրոսի քաղաքէն։ Փիլիպպոս գտաւ Նաթանայէլը եւ ըսաւ անոր. – Գտանք այն մարդը, որուն մասին գրեցին Մովսէս՝ իր Օրէնքի գիրքին մէջ, ինչպէս նաեւ մարգարէները ։ Անիկա Յիսուսն է, Յովսէփի որդին, Նազարէթ քաղաքէն։ Նաթանայէլ հարցուց. – Բայց կարելի՞ է որ Նազարէթէն լաւ բան մը ելլէ։ Փիլիպպոս ըսաւ. – Եկուր եւ տե՛ս։ Երբ Յիսուս տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր. – Ահաւասիկ ճշմարիտ Իսրայէլացի մը, որուն մէջ նենգութիւն չկայ։ Նաթանայէլ հարցուց. – Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս։ Յիսուս պատասխանեց. – Տակաւին Փիլիպպոսը քեզ չկանչած՝ տեսայ քեզ, երբ թզենիին տակն էիր։ Նաթանայէլ ըսաւ. – Ռաբբի՛, դուն Աստուծոյ Որդին ես, դուն Իսրայէլի թագաւորն ես։ Յիսուս պատասխանեց. – «Թզենիին տակ քեզ տեսայ» ըսելո՞ւս համար կը հաւատաս. ասկէ ետք աւելի մեծ բաներո՛ւ ականատես պիտի ըլլաս։ Եւ խօսքը շարունակելով ըսաւ. – Վստա՛հ եղէք, երկինքը բացուած պիտի տեսնէք եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որոնք կ՚ելլեն ու կ՚իջնեն Մարդու Որդիին վերեւ։ Յիսուսի Գալիլեա հասնելուն երրորդ օրը հարսանիք մը կար Կանա քաղաքին մէջ, եւ Յիսուսի մայրը հոն էր։ Յիսուս եւ իր աշակերտներն ալ հրաւիրուած էին հարսանիքին։ Երբ գինին պակսեցաւ, Յիսուսի մայրը իրեն ըսաւ. – Գինի չունին։ – Մա՜յր, մեզի ի՛նչ,– պատասխանեց Յիսուս,– իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած։ Սակայն իր մայրը ըսաւ սպասաւորներուն. – Ինչ որ ըսէ ձեզի՝ կատարեցէ՛ք։ Հրեաներու ծիսական մաքրութեան սովորութեան համաձայն, հոն քարէ վեց կարասներ կային, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ութսունէն հարիւր լիթր կ՚առնէր։ Յիսուս ըսաւ սպասաւորներուն. – Կարասները ջուրով լեցուցէք։ Եւ սպասաւորները լեցուցին մինչեւ բերան։ Յետոյ ըսաւ անոնց. – Հիմա առէք եւ սեղանապետին տարէք։ Անոնքալտարին։ Սեղանապետըհամտեսեցգինիի փոխուած ջուրը, բայց չգիտցաւ թէ ուրկէ էր. թէեւ սպասաւորները, որոնք ջուրը լեցուցած էին, գիտէին։ Այն ատեն սեղանապետը փեսային ըսաւ. – Ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա։ Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլեայի Կանա քաղաքին մէջ։ Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն։ Այս դէպքէն ետք՝ Յիսուս իր մօրը, եղբայրներուն եւ աշակերտներուն հետ Կափառնաում գնաց եւ քանի մը օր հոն մնաց։ Հրեաներուն Զատիկը մօտ էր, եւ Յիսուս Երուսաղէմ գնաց։ Տաճարին մէջ տեսաւ արջառ, ոչխար եւ աղաւնի ծախողները, ինչպէս նաեւ լումայափոխները, որոնք նստած էին սեղաններու ետին։ Չուանէ խարազան մը շինեց եւ սկսաւ տաճարէն դուրս հանել բոլորը, իրենց ոչխարներով եւ արջառներով. լումայափոխներուն պղնձադրամները ցիրուցան ըրաւ եւ անոնց սեղանները շրջեց։ Իսկ աղաւնեվաճառներուն ըսաւ. – Վերցուցէ՛ք ատոնք հոսկէ եւ Հօրս տունը վաճառատան մի՛ վերածէք։ Այն ատեն իր աշակերտները յիշեցին Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը. «Տանդ հանդէպ ունեցած նախանձախընդրութիւնս զիս պիտի այրէ»։ Սակայն Հրեայ ղեկավարները հարցուցին Յիսուսի. – Ի՞նչ նշանով կրնաս ցոյց տալ մեզի, թէ իրաւունք ունիս այս բաները ընելու։ Յիսուս պատասխանեց. – Քանդեցէ՛ք այս տաճարը, եւ երեք օրէն ես պիտի վերաշինեմ զայն։ Հրեաները ըսին. – Դուն երեք օրէ՞ն պիտի վերաշինես. քառասունվեց տարի առաւ ասոր շինութիւնը։ Բայց տաճարը, որուն մասին Յիսուս կը խօսէր, իր մարմինն էր։ Եւ երբ ինք մեռելներէն յարութիւն առաւ, աշակերտները յիշեցին թէ ա՛յդ էր ըսածը եւ հաւատացին Սուրբ գիրքին մէջ գրուածին եւ Յիսուսի խօսքին։ Զատիկի տօնին, մինչ Յիսուս Երուսաղէմ կը գտնուէր, շատեր հաւատացին իրեն, երբ տեսան անոր գործած հրաշքները։ Սակայն Յիսուս ինքզինք չէր վստահեր անոնց, որովհետեւ բոլորն ալ կը ճանչնար եւ պէտք չունէր ոեւէ մէկուն մասին ուրիշին վկայութեան, քանի ինք գիտէր թէ ի՛նչ կայ մարդոց սիրտին մէջ։ Նիկոդեմոսանունով Փարիսեցիմարդմըկար, Հրեայ իշխան մը, որ գիշերով Յիսուսի քով եկաւ եւ ըսաւ անոր. Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ։ Յիսուս պատասխանեց անոր. – Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը։ Նիկոդեմոս հարցուց անոր. – Ծեր մարդ մր ինչպէ՞ս կրնայ ծնիլ։ Կարելի՞ բան է որ ան կրկին մտնէ իր մօր որովայնը եւ ծնի։ Յիսուս պատասխանեց. – Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի։ Դուն մի՛ զարմանար, որ քեզի ըսի՝ թէ պէտք է վերստին ծնիք։ Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ. դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ՚երթայ։ Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին։ Նիկոդեմոս հարցուց. – Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ ատիկա։ Յիսուս պատասխանեց. – Դուն որ Իսրայէլի ժողովուրդին վրայ ուսուցիչ կարգուած ես, ատիկա չե՞ս գիտեր։ Լաւ գիտցիր, թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք եւ ինչ որ տեսանք՝ անոր մասին կը վկայենք, բայց մեր վկայութիւնը չէք ընդունիր։ Եթէ երկրաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ինչպէ՞ս պիտի հաւատաք ինծի՝ եթէ երկնաւոր բաներու մասին խօսիմ։ – Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է։ Եւ ինչպէս Մովսէս պղինձէ օձը բարձրացուց անապատին մէջ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, որպէսզի անոր հաւատացողը յաւիտենական կեանք ունենայ։ Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեցաշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ։ Որովհետեւ Աստուած իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ որպէսզի աշխարհը փրկէ։ Ով որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր. իսկ ով որ չի հաւատար անոր՝ արդէն իսկ դատապարտուած է, Աստուծոյ միածին Որդիին չհաւատալուն համար։ – Եւ դատապարտութիւնը այս է.– Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։ Սակայն ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են։ Այս հանդիպումէն ետք Յիսուս իր աշակերտներով Հրէաստանի գաւառները գնաց, ուր անոնց հետ կը շրջէր ու կը մկրտէր։ Եկաւ Այենոն, Սաղիմի մօտիկ, ուր Յովհաննէս ալ մկրտութիւն կ՚ընէր, որովհետեւ առատ ջուր կար հոն։ Ժողովուրդը Յովհաննէսին կու գար եւ կը մկրտուէր։ Ասիկա կը պատահէր Յովհաննէսի բանտարկութենէն առաջ։ Յովհաննէսի աշակերտներէն ոմանք Հրեայի մը հետ սկսան վիճաբանիլ՝ մաքրութեան վերաբերող ծէսերու մասին։ Այդ աշակերտները Յովհաննէսին եկան եւ ըսին. – Վարդապե՛տ, ան որ քեզի հետ էր Յորդանան գետին միւս կողմը եւ որուն մասին վկայութիւն տուիր, ահաւասիկ ինք ալ կը մկրտէ, ու բոլորն ալ իրեն կ՚երթան։ Յովհաննէս պատասխանեց. – Մարդ ինքնիրմէ ոչինչ կրնայ ընել, եթէ իրեն վերէն՝ Աստուծմէ տրուած չէ։ Դուք ներկայ էիք, երբ ձեզի ըսի՝ թէ ես Քրիստոսը չեմ, այլ իրմէ առաջ ղրկուած մէկը։ Ով որ հարսը ունի՝ ա՛ն է փեսան. իսկ փեսային բարեկամը, որ մօտը կանգնած է, փեսային ձայնը լսելով մեծապէս կ՚ուրախանայ։ Ես նոյն այդ ուրախութիւնն է որ ունիմ, եւ իմ ուրախութիւնս կատարեալ է։ Ասկէ ետք իր հեղինակութիւնը պէտք է զօրանայ, իսկ ես հրապարակէ պէտք է քաշուիմ։ – Ան որ Աստուծմէ կու գայ՝ բոլորէն գերիվեր է։ Ան որ այս աշխարհէն է՝ այս աշխարհին կը պատկանի եւ երկրաւոր բաներու մասին կը խօսի. ան որ երկինքէն կու գայ՝ բոլորէն գերիվեր է. անիկա կը վկայէ իր տեսածներուն եւ լսածներուն մասին, սակայն իր վկայութիւնը ոչ ոք կ՚ընդունի։ Ով որ անոր վկայութիւնը կ՚ընդունի, հաստատած կ՚ըլլայ թէ Աստուած ճշմարիտ է։ Ան որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած է՝ Աստուծոյ խօսքերը կը քարոզէ, որովհետեւ Աստուած իր Հոգին ամբողջապէս անոր տուած է։ Հայրը կը սիրէ Որդին եւ ամէն ինչ անոր յանձնած է։ Ով որ կը հաւատայ Որդիին՝ յաւիտենական կեանքը կ՚ունենայ, իսկ ան որ չի հնազանդիր Որդիին՝ կեանք պիտի չունենայ, այլ՝ Աստուծոյ պատիժը պիտի գայ անոր վրայ։ ձգեց Հրէաստանը եւ կրկին գնաց Գալիլեա։ Ստիպուած էր Սամարիայէն անցնիլ։ Ճամբուն վրայ եկաւ Սիւքար, որ Սամարիայի քաղաքներէն մէկն էր, մօտիկը այն տեղին, որ Յակոբ իր զաւակին՝ Յովսէփի տուած էր։ Հոն կը գտնուէր նաեւ Յակոբի ջրհորը։ Յիսուս ճամբորդութենէն յոգնած՝ նստաւ ջրհորին քով։ Գրեթէ կէսօր էր։ Սամարացի կին մը եկաւ ջուր քաշելու։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Ջուր տուր ինծի։ (Մինչ այդ, աշակերտները քաղաք գացած էին ուտելիք գնելու համար)։ Սամարացի կինը ըսաւ. – Դուն որ Հրեայ մըն ես, ինչպէ՞ս ինձմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը խմելու ջուր կ՚ուզես։ (Քանի Հրեաները Սամարացիներուն հետ երբեք չեն յարաբերիր)։ Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՛վ է որ քեզի կ՚ըսէ՝ ջուր տուր ինծի, հաւանաբարդո՛ւն իրմէջուր պիտի ուզէիր, եւ անիկա քեզի կենսատու ջուր պիտի տար։ Կինը ըսաւ. – Տէ՛ր, դուն դոյլ անգամ չունիս, եւ ջրհորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս կենսատու ջուրը։ Միթէ դուն աւելի՞ մեծ մէկն ես, քան մեր նախահայրը՝ Յակոբը, որ այս ջրհորը տուաւ մեզի, ուրկէ խմեցին ինք, իր որդիներն ու իր անասունները։ Յիսուս պատասխանեց. – Ով որ այս ջուրէն խմէ՝ դարձեալ պիտի ծարաւնայ, բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ։ Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ։ Կինը ըսաւ. – Տէ՜ր, տո՛ւր ինծի այդ ջուրը, որպէսզի այլեւս չծարաւնամ եւ հոս չգամ ջուր քաշելու համար։ Յիսուս ըսաւ. – Գնա՛ ամուսինդ կանչէ եւ կրկին հոս եկուր։ – Ամուսին չունիմ,– պատասխանեց կինը։ Յիսուս ըսաւ. – Ճի՛շդ ըսիր, թէ ամուսին չունիս. որովհետեւ հինգ ամուսին ունեցեր ես, եւ ան՝ որուն հետ որ կ՚ապրիս, ամուսինդ չէ. ատիկա շիտակ ըսիր։ Կինը ըսաւ. – Տէ՛ր, ինծի կը թուի թէ դուն մարգարէ ես։ Մեր հայրերը այս լերան վրայ զԱստուած պաշտեցին, բայց դուք՝ Հրեաներդ, կ՚ըսէք՝ թէ Երուսաղէմն է միակ այն վայրը, ուր պէտք է զԱստուած պաշտել։ Յիսուս ըսաւ. – Ո՜վ կին, հաւատա՛ ինծի, թէ ժամանակը կու գայ՝ երբ ո՛չ այս լերան վրայ եւ ո՛չ ալ Երուսաղէմի մէջ պիտի պաշտէք Հայրը։ Դուք՝ Սամարացիներդ զԱստուած կը պաշտէք առանց զայն ճանչնալու, մինչ մենք՝ Հրեաներս, զԱստուած կը պաշտենք՝ ճանչնալով զանիկա, որովհետեւ փրկութիւնը Հրեաներէն պիտի գայ։ Բայց ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ ճշմարիտ երկրպագուները հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը, որովհետեւ Հայրն ալ կ՚ուզէ որ իր երկրպագուները այդպիսին ըլլան։ Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն։ Կինը ըսաւ Յիսուսի. – Գիտեմ թէ Մեսիան, այսինքն Քրիստոսը պիտի գայ. երբ անիկա գայ՝ ամէն ինչ պիտի պատմէ մեզի։ Յիսուս ըսաւ. – Ե՛ս եմ անիկա, ես՝ որ հետդ կը խօսիմ։ Ճիշդ այդ ատեն աշակերտները վերադարձան եւ զարմացան որ Յիսուս կնոջ հետ կը խօսէր. բայց անոնցմէ ոչ ոք հարցուց՝ «Ի՞նչ կ՚ուզես», կամ «Ի՞նչ կը խօսիս անոր հետ»։ Այն ատեն կինը իր սափորը ձգեց եւ քաղաք գնաց եւ այնտեղի մարդոց ըսաւ. – Եկէք տեսէք. մարդ մը կայ, որ իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի։ Արդեօք ա՞ն է Քրիստոսը։ Անոնք քաղաքէն ելան եւ եկան Յիսուսի մօտ։ Մինչ այդ աշակերտները կ՚աղաչէին Յիսուսի՝ ըսելով. – Վարդապե՛տ, հաց կեր։ Յիսուս պատասխանեց. – Ես ուտելիք կերակուր մը ունիմ, որ դուք չէք գիտեր։ Աշակերտները սկսան իրարու հարցնել. – Արդեօք մէկը իրեն կերակուր բերա՞ւ։ Յիսուս ըսաւ. – Իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը եւ լրումին հասցնեմ անոր գործը։ Դուք չէ՞ք ըսեր. «Չորս ամիսէն հունձքի ժամանակը կու գայ»։ Բայց ես կ՚ըսեմ ձեզի.– Բարձրացուցէ՛ք ձեր աչքերը եւ դիտեցէ՛ք արտերը. որովհետեւ դեղնած են եւ հնձուելու պատրաստ։ Հնձողը իր վարձքը կ՚առնէ եւ յաւիտենական կեանքի համար հունձք կը հաւաքէ, որպէսզի ցանողն ու հնձողը միասին ուրախանան։ Շատ շիտակ է ըսուած խօսքը. «Ցանողը ուրիշ, հնձողը ուրիշ»։ Ես ձեզ ղրկեցի հնձելու այն՝ որուն համար դուք աշխատանք չէիք տարած։ Ուրիշներ աշխատեցան եւ դուք անոնց յոգնութենէն օգտուեցաք։ Այդ քաղաքէն շատ մը Սամարացիներ հաւատացին Յիսուսի, կնոջ տուած այն վկայութեան վրայ, թէ՝ «Իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի»։ Հետեւաբար երբ Սամարացիները եկան Յիսուսի մօտ, աղաչեցին որ իրենց մօտ մնայ. եւ Յիսուս երկու օր հոն մնաց։ Տակաւին ուրիշ շատեր ալ հաւատացին իրեն՝ իր խօսքերուն համար։ Անոնք կնոջ կ՚ըսէին. – Ասկէ ետք կը հաւատանք՝ ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար, այլ որովհետեւ մենք անձամբ լսեցինք զինք եւ գիտենք թէ ճշմարտապէս ի՛նքն է աշխարհի Փրկիչը։ Երկու օր ետք Յիսուս հոնկէ մեկնեցաւ եւ Գալիլեա գնաց։ Յիսուս ինք ըսած էր, թէ մարգարէն իր գաւառին մէջ յարգ չունի, բայց երբ Գալիլեա հասաւ, Գալիլեացիները զինք ընդունեցին, որովհետեւ իրենք ալ տօնին առիթով Երուսաղէմ գացեր էին եւ տեսեր այն բոլոր հրաշքները, որ գործեր էր տօնին ժամանակ։ Յիսուս դարձեալ եկաւ Գալիլեայի Կանա քաղաքը, ուր ջուրը գինիի փոխած էր։ Պալատական մարդ մը կար, որուն որդին հիւանդ էր Կափառնաումի մէջ։ Անիկա երբ լսեց թէ Յիսուս Հրէաստանէն Գալիլեա եկած է, գնաց Յիսուսի մօտ եւ աղաչեց որ Կափառնաում երթայ եւ բժշկէ իր որդին, որ մահամերձ էր։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Մինչեւ որ նշաններ եւ հրաշքներ չտեսնէք՝ պիտի չհաւատաք։ Պալատականը ըսաւ. – Տէ՛ր, երթա՛նք, քանի տակաւին զաւակս չէ մեռած։ Յիսուս ըսաւ. – Գնա՛, զաւակդ ողջ է։ Պալատականը հաւատաց Յիսուսի խօսքին ու գնաց։ Մինչ կ՚երթար, իր ծառաները դիմաւորեցին զինք եւ աւետեցին՝ ըսելով. – Տղադ առողջացաւ։ – Ո՞ր ժամուն ապաքինեցաւ զաւակս,– հարցուց պալատականը ծառաներուն։ Անոնք պատասխանեցին. – Երէկ կէսօրէ ետք ժամը մէկ էր, երբ տաքութիւնը գնաց։ Այն ատեն հայրը անդրադարձաւ՝ թէ ճիշդ այն ժամուն էր, երբ Յիսուս ըսաւ իրեն՝ «Գնա՛, զաւակդ ողջ է»։ Եւ ինք ու իր ամբողջ ընտանիքը հաւատացին։ Ասիկա երկրորդ հրաշքն էր, որ Յիսուս կատարեց Հրէաստանէն Գալիլեա գալէն ետք։ Դարձեալ հրէական տօն մըն էր, եւ Յիսուս Երուսաղէմ գնաց։ Երուսաղէմ քաղաքի «Ոչխարներու դուռ» ին քով աւազան մը կար, Եբրայերէն Բեթհեզդա կոչուած, որ հինգ սրահներ ունէր։ Այդ սրահներուն մէջ բազմաթիւ հիւանդներ կային — կոյրեր, կաղեր, գօսացածներ — որոնք կը սպասէին աւազանի ջուրերուն խառնուելուն։ Ժամանակ առ ժամանակ Տիրոջ հրեշտակը կ՚իջնէր աւազանին մէջ եւ ջուրը կը խառնէր. եւ ով որ ջուրը շարժելունպէս առաջին անգամ աւազան կ՚իջնէր, իր հիւանդութենէն կը բժշկուէր։ Հոն մարդմըկար, որերեսունութըտարիէիվեր հիւանդ էր։ Յիսուս երբ տեսաւ զայն հոն պառկած, եւ գիտնալով որ երկար ատեն հիւանդ պառկած է, ըսաւ. – Կ՚ուզե՞ս առողջանալ։ Հիւանդը պատասխանեց. – Տէ՛ր, մէկը չունիմ որ ջուրերը շարժած ատեն զիս աւազան իջեցնէ. եւ մինչ ես կը դանդաղիմ, ուրիշը ինձմէ առաջ կ՚իջնէ աւազան։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ՛։ Մարդը վայրկեանին առողջացաւ, ելաւ, առաւ մահիճը եւ սկսաւ քալել։ Եւ այդ օրը Շաբաթ էր։ Հրեայ ղեկավարները բժշկուած մարդուն ըսին. – Օրը Շաբաթ է եւ Օրէնքին դէմ է մահիճդ շալկելը։ Մարդը պատասխանեց. – Զիս բժշկողը ի՛նք ըսաւ ինծի՝ «Մահիճդ առ ու քալէ»։ Անոնք հարցուցին. – Ո՞վ է այդ մարդը որ քեզի ըսաւ՝ «Մահիճդ առ ու քալէ»։ Բայց բժշկուած մարդը չէր գիտեր թէ ով է, որովհետեւ Յիսուս հեռացած էր այդտեղ գտնուող ամբոխին մէջէն։ Այս դէպքէն ետք Յիսուս մարդը տաճարին մէջ գտաւ եւ ըսաւ անոր. – Ահա առողջացար. այլեւս մի՛ մեղանչեր, որպէսզի աւելի գէշը չպատահի քեզի։ Մարդը գնաց եւ Հրեայ ղեկավարներուն պատմեց՝ ըսելով, թէ Յիսուսն էր զինք բժշկողը։ Այս պատճառով անոնք սկսան հալածել Յիսուսը, որովհետեւ Շաբաթ օրով այս բաները կը կատարէր։ Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ես ալ կը գործեմ։ Այս խօսքին համար Հրեաները առաւել եւս կ՚ուզէին զինք սպաննել, որովհետեւ ո՛չ միայն Շաբաթ օրը չէր պահեր, այլ նաեւ զԱստուած իր Հայրը կը կոչէր՝ ինքզինք Աստուծոյ հաւասար ընելով։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Հաստատ գիտցէք, թէ Մարդու Որդին ինք իրմէ ոչինչ կը կատարէ, այլ կը կատարէ միայն այն՝ ինչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ։ Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ։ Հայրը կը սիրէ Որդին եւ անոր ցոյց կու տայ ինչ որ ինք կը կատարէ։ Տակաւին ձեր տեսածներէն աւելի սքանչելի գործեր ալ ցոյց պիտի տայ Որդիին, այնպէս որ դուք պիտի զարմանաք։ Ինչպէս որ Հայրը մեռելները կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ անոնց, նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ իր ուզածներուն։ Եւ Հայրը ոեւէ մէկը չի դատեր, այլ դատելու իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնած է Որդիին, որպէսզի բոլորն ալ պատուեն Որդին, ինչպէս որ Հայրը կը պատուեն։ Ան որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հայրը որ զայն ղրկած է։ Լաւ գիտցէք, ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի, որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է։ Հաստա՛ տ գիտցէք, ժամանակ կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ մեռելները Աստուծոյ Որդիին ձայնը պիտի լսեն եւ լսողները պիտի ապրին։ Որովհետեւ, ինչպէս որ Հայրը կեանք պարգեւելու զօրութիւնը ունի իր մէջ, այդ զօրութիւնը տուած է նաեւ Որդիին։ Նոյնպէս ալ դատելու իշխանութիւնը տուաւ Որդիին, որովհետեւ անիկա Մարդու Որդին է։ Ուրեմն մի՛ զարմանաք որ ըսի, թէ ահա կու գայ ժամանակը, երբ բոլոր անոնք որոնք գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս գան. անոնք որ բարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ ապրին, իսկ անոնք որ չարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ դատապարտուին։ Ես ինձմէ չեմ կրնար դատել, այլ կը դատեմ այնպէս՝ ինչպէս Հօրմէս կը լսեմ. եւ ուրեմն իմ դատաստանս արդար է, որովհետեւ կը գործադրեմ ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց։ – Եթէ իմ անձիս մասին վկայողը ե՛ս ըլլայի, այդ վկայութիւնը կրնայիք չընդունիլ։ Սակայն իմ մասիս ուրիշն է որ կը վկայէ, եւ գիտեմ թէ իմ մասիս անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է։ Դուք մարդ ղրկեցիք Յովհաննէսին, եւ անիկա ճշմարտութեան ի նպաստ վկայութիւն տուաւ։ Բայց ես պէտք չունիմ մարդու մը կողմէ տրուած վկայութեան։ Ասիկա կ՚ըսեմ, որպէսզի դուք փրկուիք։ Յովհաննէս այն առկայծ ճրագն էր, որ կը շողար. եւ դուք ուզեցիք որոշ ատեն մը անոր լոյսով ուրախանալ։ Բայց ես իմ մասիս տրուած վկայութիւն մը ունիմ, որ աւելի մեծ է քան Յովհաննէսի տուած վկայութիւնը։ Այն գործերը, որ Հայրս տուաւ ինծի որ կատարեմ, նոյնինքն այդ կատարած գործերս են որ կը վկայեն իմ մասիս՝ թէ Հայրը զիս ղրկեց։ Եւ Հայրը որ զիս ղրկեց՝ ի՛նք է որ իմ մասիս կը վկայէ։ Դուք երբեք չէք լսած անոր ձայնը եւ ոչ ալ տեսած անոր դէմքը. ոչ իսկ իր խօսքը տեղ գտած է ձեր սիրտերուն մէջ, քանի դուք չէք հաւատար անոր՝ որ ինք ղրկեց։ Քննեցէ՛ք Սուրբ գիրքերը, քանի կը կարծէք թէ անոնցմով յաւիտենական կեանք պիտի ունենաք. եւ նոյն գիրքերն են որ կը վկայեն իմ մասիս։ Դուք, սակայն, չէք ուզեր ինծի գալ՝ կեանքը ունենալու համար։ Ես մարդոցմէ փառաբանութիւն ընդունելու պէտք չունիմ։ Բայց ձեզ կը ճանչնամ եւ գիտեմ թէ Աստուծոյ հանդէպ սէր չունիք ձեր սիրտերուն մէջ։ Ես Հօրս անունով եկայ, բայց դուք չէք ընդունիր զիս. մինչդեռ եթէ մէկը ինքն իր անունով գայ՝ պիտի է ընդունիք զայն։ Ինչպէ՞ս ինծի պիտի հաւատաք, երբ դուք իրարմէ փառաբանութիւն կ՚ընդունիք, եւ չէք փնտռեր այն փառաբանութիւնը որ կու գայ միակ Աստուծմէ։ Մի՛ կարծէք թէ ես ձեզ պիտի ամբաստանեմ Հօրս դիմաց։ Մովսէս, որուն վրայ ձեր յոյսը դրած էք, ի՛նք պիտի ամբաստանէ ձեզ։ Որովհետեւ եթէ Մովսէսի հաւատայիք՝ անշուշտ ինծի ալ պիտի հաւատայիք, որովհետեւ անիկա իմ մասիս է որ գրած է։ Բայց եթէ անոր գրածին չէք հաւատար, ի՞նչպէս իմ խօսքերուս պիտի հաւատաք։ Ասկէ ետք Յիսուս Գալիլեայի լիճին դիմացի կողմըանցաւ։ Լիճը Տիբերիայի լիճ ալ կը կոչուէր։ Մեծ բազմութիւն մը հետեւեցաւ իրեն, քանի կը տեսնէին հիւանդներուն վրայ իր կատարած հրաշքները։ Յիսուս լեռ ելաւ եւ իր աշակերտներուն հետ հոն նստաւ։ Հրեաներու Զատիկի տօնը մօտ էր։ Յիսուս աչքերը բարձրացնելով՝ տեսաւ մեծ բազմութիւն մը, որ իրեն կու գար, ու հարցուց Փիլիպպոսի. – Ուրկէ՞ գնենք բաւական հաց, որ ասոնք ուտեն։ Ասիկա ըսաւ՝ փորձելու համար Փիլիպպոսը, քանի ինք իր ընելիքը գիտէր։ Փիլիպպոս պատասխանեց. – Երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց ալ պիտի չբաւէ ասոնց, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը պատառ մը առնէ։ Իր աշակերտներէն ուրիշ մէկը, Անդրէասը, որ Սիմոն Պետրոսի եղբայրն էր, ըսաւ. – Հոս պատանի մը կայ, որ գարիի հինգ հաց եւ երկու ձուկ ունի. բայց ատիկա ի՞նչ կ՚ընէ այսքան մարդոց համար։ – Նստեցուցէ՛ք ժողովուրդը,– ըսաւ Յիսուս։ Խոտը առատ էր հոն. եւ շուրջ հինգ հազար մարդիկ նստան գետին։ Յիսուս առաւ հացը, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ բաժնեց նստողներուն։ Ձուկերը առնելով՝ նոյնը ըրաւ, եւ ժողովուրդը առաւ՝ ո՛րքան որ ուզեց։ Երբ կշտացան, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. – Հաւաքեցէ՛ք աւելցած կտորները, որպէսզի բան չկորսուի։ Աշակերտները հաւաքեցին բազմացած հինգ գարիի հացերու կտորները, որոնք աւելցան ժողովուրդին կերածէն, եւ տասներկու սակառ լեցուցին։ Իսկ մարդիկ երբ Յիսուսի գործած այս հրաշքը տեսան, ըսին. – Իրապէս որ ասիկա է մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար։ Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զինք բռնութեամբ թագաւոր ընելու, դարձեալ լեռը ելաւ, առանձինն։ Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճին դիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում։ Երբ մթնցաւ, տակաւին Յիսուս իրենց չէր եկած։ Լիճը զօրաւոր հովէն կ՚ալեկոծէր։ Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին։ Բոլորը սարսափեցան։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ես եմ, մի՛ վախնաք։ Անոնք կ՚ուզէին զինք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն նաւակը հասաւ այն տեղը, ուր կ՚երթային։ Յաջորդ օր, ժողովուրդը՝ որ մնացած էր լիճին միւս կողմը, տեսաւ թէ հոն միայն մէկ նաւակ կար, որուն մէջ Յիսուսի աշակերտները մտան եւ առանձինն գացին. իսկ Յիսուս աշակերտներուն հետ նաւակ չմտաւ։ Յետոյ Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ ալ եկան հոն, ուր Յիսուս Աստուծոյ գոհութիւն տալով բազմացուցած էր հացը եւ տուած ժողովուրդին, որպէսզի ուտեն։ Ժողովուրդը տեսնելով թէ Յիսուս հոն չէր, ոչ ալ իր աշակերտները, նաւակները առին եւ Կափառնաում եկան Յիսուսը փնտռելու համար։ Երբ զինք գտան լիճին միւս կողմը, հարցուցին. – Վարդապե՛տ, ե՞րբ եկար հոս։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Կ՚ըսեմ ձեզի, վստահաբար դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ որովհետեւ հրաշքներ տեսաք, այլ որովհետեւ այդ հացէն կերաք եւ կշտացաք։ Փոխանակ կորստական ուտելիքը փնտռելու, ջանացէք ապահովել այն կերակուրը որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ։ Այդ կերակուրը Մարդու Որդին պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրն Աստուած իր հաւանութեան կնիքը դրաւ անոր վրայ։ Անոնք հարցուցին. – Ի՞նչ ընենք, որ Աստուծոյ ուզածը կատարած ըլլանք։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Աստուծոյ ուզած գործը այն է, որ հաւատաք անոր՝ որ ինք ղրկեց։ Անոնք ըսին. – Ի՞նչ հրաշք պիտի գործես, որպէսզի տեսնենք եւ քեզի հաւատանք. ի՞նչ պիտի ընես։ Մեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, ինչպէս գրուած է. «Անոնց երկինքէն հաց տուաւ ուտելու համար»։ Յիսուս անոնց ըսաւ. – Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ինչ որ Մովսէս ձեզի տուաւ՝ երկինքէն իջած հացը չէր։ Հայրս է որ ձեզի կու տայ երկինքէն իջած ճշմարիտ հացը։ Որովհետեւ Աստուծոյ տուած հացը ան է՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ եւ կեանք կու տայ աշխարհին ։ Անոնք ըսին. – Տէ՜ր, մի՛շտ տուր մեզի այդ հացը։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ես եմ կեանքի հացը։ Ան որ ինծի կու գայ՝ բնաւ պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չծարաւնայ։ Բայց հիմա ըսի ձեզի, տեսաք ալ զիս, եւ տակաւին չէք հաւատար։ Բոլոր անոնք որ Հայրը ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան, եւ ես ինծի եկողը պիտի չմերժեմ. որովհետեւ ես երկինքէն իջայ՝ ո՛չ թէ իմ կամքս կատարելու, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց։ Զիս ղրկող Հօրս կամքն է, որ չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը բոլոր անոնցմէ՝ որ ինծի տուաւ, այլ յարուցանեմ զայն վերջին օրը։ Հօրս կամքը հետեւեալն է.– Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ, եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։ Հրեաները սկսան տրտնջալ իրեն դէմ, որովհետեւ ըսած էր՝ թէ «Ես եմ երկինքէն իջած հացը», եւ կը հարցնէին. – Այս մարդը Յովսէփի որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը կը ճանչնանք. ինչպէ՞ս ուրեմն կ՚ըսէ՝ «Ես երկինքէն իջայ»։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Կը բաւէ՛ դուք ձեզի քրթմնջէք։ Ոեւէ մէկը չի կրնար ինծի գալ՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը զայն ինծի չբերէ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը։ Մարգարէութիւններուն մէջ գրուած է. «Ամէն մարդ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ»։ Ով որ Հօրմէս կը լսէ եւ իրմէ կը սորվի՝ ինծի կու գայ։ Ոչ ոք Հայրը տեսած է, բացի անկէ՝ որ Աստուծմէ է, որովհետեւ միայն անիկա տեսած է Հայրը։ Ու ես կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ով որ ինծի հաւատայ՝ յաւիտենական կեանք ունի։ Ե՛ս եմ կեանքի հացը։ Ձեր հայրերը մանանան կերան անապատին մէջ, բայց մեռան. մինչդեռ ով որ ուտէ երկինքէն իջած այս հացէն՝ պիտի չմեռնի։ Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է. ով որ այս հացէն ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Հացը որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ։ Այս խօսքին վրայ Հրեաները սկսան իրարու հետ բուռն կերպով վիճաբանիլ, ըսելով. – Ի՞նչպէս կրնայ այս մարդը իր մարմինը մեզի տալ ուտելու համար։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ։ Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը, քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք։ Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ մէջս կը բնակի եւ ես՝ անոր մէջ։ Ինչպէս Հայրը, որ զիս ղրկեց, կ՚ապրի, ես ալ իրմով կ՚ապրիմ։ Նմանապէս, ով որ իմ մարմինէս կ՚ուտէ՝ պիտի ապրի ինձմով։ Ա՛յս է երկինքէն իջած հացը։ Ասիկա չի նմանիր այն մանանային, որ ձեր հայրերը կերան եւ յետոյ մեռան։ Ով որ այս հացը ուտէ՝ յաւիտեան պիտի ապրի։ Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ, երբ կ՚ուսուցանէր Կափառնաումի ժողովարանին մէջ։ Երբ աշակերտներէն շատերը լսեցին այս խօսքերը, ըսին. – Դժուար ընդունելի է ըսած խօսքդ, ո՞վ կրնայ մտիկ ընել։ Յիսուս երբ գիտցաւ թէ աշակերտները ատոր համար կը տրտնջային, ըսաւ անոնց. – Ատիկա կը գայթակղեցնէ՞ ձեզ։ Ի՞նչ պիտի ընէք հապա, եթէ տեսնէք որ Մարդու Որդին կ՚ելլէ հոն՝ ուր էր նախապէս։ Աստուծոյ Հոգին է որ կեանք կու տայ. մարդս բան մը չի կրնար ընել։ Այն խօսքերը որ ես ձեզի խօսեցայ, Աստուծոյ Հոգիէն կու գան եւ կեանք կու տան։ Բայց ձեզմէ ոմանք չեն հաւատար։ Յիսուս ասիկա ըսաւ, քանի սկիզբէն գիտէր, թէ որո՛նք են անոնք որ չեն հաւատար եւ ո՛վ է ան որ պիտի մատնէր զինք։ Եւ աւելցուց. – Ճիշդ ատոր համար ըսի ձեզի, թէ ոչ ոք կրնայ ինծի գալ, եթէ Հայրս իրեն շնորհքը չտայ։ Այս խօսքերուն պատճառով աշակերտներէն շատերը հեռացան եւ այլեւս չէին շրջեր իրեն հետ։ Յիսուս հարցուց տասներկու աշակերտներուն. – Միթէ դո՞ւք ալ կ՚ուզէք երթալ։ Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. – Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դո՛ւն ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դո՛ւն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Սուրբը։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Չէ՞ որ ես էի որ ձեզ՝ տասներկուքդ ընտրեցի. բայց ձեզմէ մէկը սատանայ է։ Յիսուս կ՚ակնարկէր Սիմոնի որդի Յուդա Իսկարիոտացիին, որ պիտի մատնէր զինք. եւ անիկա տասներկու աշակերտներէն մէկն էր։ Ասկէ ետք Յիսուս Գալիլեայի մէջ կը շրջէր, քանի չէր ուզեր Հրէաստանի մէջ շրջիլ, որովհետեւ Հրեայ ղեկավարները կ՚ուզէին սպաննել զինք։ Երբ Հրեաներու Տաղաւարահարաց տօնը մօտեցաւ, Յիսուսի եղբայրները ըսին իրեն. – Հոսկէ ել եւ Հրէաստան գնա, որպէսզի հետեւորդներդ ալ տեսնեն քու կատարած գործերդ։ Որովհետեւ ով որ կ՚ուզէ հրապարակի վրայ յայտնի ըլլալ՝ գաղտնաբար չի գործեր։ Քանի դուն այս գործերը կը կատարես, դուն քեզ ճանչցուր աշխարհին։ Որովհետեւ նոյնիսկ եղբայրները տակաւին չէին հաւատացած իրեն։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ժամանակս դեռ չէ հասած, բայց ձեզի համար ժամանակի հարց չկայ։ Աշխարհը ձեզ չի կրնար ատել, բայց զիս կ՚ատէ, որովհետեւ աշխարհի մասին երբ կը խօսիմ՝ կը վկայեմ թէ մարդոց գործերը չար են։ Դուք գացէ՛ք տօնակատարութեան. ես չեմ երթար, որովհետեւ ժամանակս տակաւին չէ հասած։ Ասիկա ըսաւ եւ մնաց Գալիլեա։ Բայց իր եղբայրները երթալէ ետք՝ ինք ալ գնաց տօնակատարութեան, ո՛չ թէ բացայայտ կերպով, այլ՝ ծածուկ։ Տօնակատարութեան ատեն Հրեայ ղեկավարները Երուսաղէմի մէջ Յիսուսը կը փնտռէին եւ կը հարցնէին. – Ո՞ւր է։ Ժողովուրդին մէջ իր մասին շշուկ ինկաւ։ Ոմանք կ՚ըսէին. – Լաւ մարդ է։ Իսկ ուրիշներ կ՚ըսէին. – Ո՛չ, ընդհակառակը, ժողովուրդը կը մոլորեցնէ։ Բայց ոչ ոք համարձակ կը խօսէր իր մասին, Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով։ Տաղաւարահարաց տօնակատարութեան մօտաւորապէս կէսին, Յիսուս տաճար ելաւ եւ սկսաւ ուսուցանել։ Հրեաներ կը զարմանային եւ կ՚ըսէին. – Ի՞նչպէս այս մարդը Սուրբ գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք։ Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Ինչ որ ձեզի կ՚ուսուցանեմ՝ իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ անորը՝ որ զիս ղրկեց։ Ով որ կ՚ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել, պիտի հասկնայ՝ թէ Աստուծմէ՞ է այս վարդապետութիւնը, թէ ես իմ հեղինակութեամբս կը խօսիմ։ Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ։ Մովսէս ձեզի Օրէնքը չտուա՞ւ. սակայն ձեզմէ ո՛չ ոք կը հնազանդի Օրէնքին։ Ինչո՞ւ կ՚ուզէք զիս սպաննել։ Ժողովուրդը պատասխանեց. – Դիւահա՞ր ես, ի՞նչ ես. ո՞վ կ՚ուզէ քեզ սպաննել։ Յիսուս պատասխանեց. – Հրաշք մը գործեցի եւ բոլորդ վրդովեր էք։ Մովսէս հրահանգեց թլփատել ձեր զաւակները — թէեւ Մովսէս չէր սկսողը, այլ ձեր նախահայրերը — եւ դուք ձեր զաւակները կը թլփատէք Շաբաթ օրով։ Եթէ մէկը կը թլփատէք Շաբաթ օրով, որպէսզի չբեկանուի Մովսէսի Օրէնքը, ինչո՞ւ զայրացած էք ինծի դէմ, որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով։ Երեւոյթներէն մի՛ դատէք, այլ արդար դատաստան կատարեցէք։ Երուսաղէմի բնակիչներէն ոմանք ըսին. – Ասիկա չէ՞ այն մարդը որ մեր ղեկավարները կ՚ուզեն սպաննել։ Տեսէք, բացէ ի բաց կը խօսի եւ իր դէմ ո՛չ մէկ խօսք կ՚ընեն։ Կրնա՞յ ըլլալ՝ որ անոնք ալ գիտցան թէ իրապէս ասիկա է Քրիստոսը: Բայց Քրիստոսը երբ գալու ըլլայ՝ ո՛չ ոք պիտի գիտնայ թէ ուրկէ է, մինչ մենք գիտենք ասոր ուրկէ ըլլալը։ Յիսուս տաճարին մէջ ուսուցանելու ժամանակ բարձրաձայն ըսաւ. – Դուք կ՚ըսէք՝ թէ զիս կը ճանչնաք եւ իմ ուրկէ ըլլալս գիտէք։ Բայց ես իմ հեղինակութեամբս եկած չեմ. սակայն ան որ զիս ղրկեց՝ վստահելի է, թէպէտ դուք չէք ճանչնար զայն։ Ես կը ճանչնամ զայն, որովհետեւ անոր կողմէ կու գամ եւ ի՛նք զիս ղրկեց։ Այս խօսքին համար ուզեցին զինք բռնել, բայց ոչ ոք ձեռք զարկաւ, որովհետեւ տակաւին անոր ժամանակը հասած չէր։ Սակայն ժողովուրդէն շատեր հաւատացին իրեն եւ կ՚ըսէին. – Քրիստոսը երբ գայ, միթէ աւելի՞ հրաշքներ պիտի կատարէ քան այս մարդը։ Փարիսեցիները երբ լսեցին Յիսուսի մասին ժողովուրդին մէջ ինկած շշուկները, իրենք եւ աւագ քահանաները սպասաւորներ ղրկեցին՝ ձերբակալելու համար զայն։ Յիսուս ըսաւ շուրջիներուն. – Կարճ ժամանակ մըն ալ ձեզի հետ եմ եւ ապա պիտի երթամ անոր՝ որ զիս ղրկեց։ Պիտի փնտռէք զիս, բայց պիտի չգտնէք, որովհետեւ չէք կրնար գալ հոն ուր ես կ՚երթամ։ Հրեայ ղեկավարները իրարու ըսին. – Ինչու ո՞ւր պիտի երթայ, որ զինք պիտի չգտնենք։ Արդեօք հեթանոսներուն մէջ ցրուած Հրեաներո՞ւն պիտի երթայ, կամ արդեօք հեթանոսներո՞ւն պիտի ուսուցանէ։ Ի՞նչ կը նշանակէ ըսած խօսքը, թէ՝ «Պիտի փնտռէք զիս, բայց պիտի չգտնէք, որովհետեւ չէք կրնար գալ հոն՝ ուր ես կ՚երթամ»։ Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ՚ըսէր. – Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին»։ Յիսուս ասիկա կ՚ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին. իսկ Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր։ Ժողովուրդէն ոմանք երբ լսեցին այս խօսքերը, ըսին. – Ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն ։ Ուրիշներ կ՚ըսէին. – Քրիստոսն է։ Իսկ ոմանք ալ կ՚ըսէին. – Միթէ Գալիլեայէ՞ն պիտի գայ Քրիստոսը։ Սուրբ գիրքը չ՚ը՞սեր՝ թէ Քրիստոս Դաւիթ թագաւորի սերունդէն պիտի ըլլայ եւ Դաւիթի քաղաքին՝ Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնի։ Եւ Յիսուսի պատճառով տարակարծութիւններ յառաջ եկան ժողովուրդին մէջ։ Ոմանք ուզեցին ձերբակալել զինք, բայց ոչ ոք համարձակեցաւ ձեռք զարնել։ Երբ տաճարին պահակները վերադարձան, աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները հարցուցին անոնց. – Ինչո՞ւ զինք հոս չբերիք։ Պահակները պատասխանեցին. – Այս մարդուն պէս խօսող երբեք չենք տեսած։ Փարիսեցիները ըսին. – Ի՞նչ, դո՞ւք ալ խաբուեցաք։ Իշխանաւորներէն կամ Փարիսեցիներէն ոեւէ մէկը հաւատա՞ց անոր։ Մեր Օրէնքը չգիտցող տգէտ ամբոխը միայն հաւատաց։ Անոնք արդէն իսկ նզովուած են։ Նիկոդեմոս, Փարիսեցիներէն մէկը, որ նախապէս գիշերով եկած էր Յիսուսի մօտ, ըսաւ անոնց. – Արդեօք մեր Օրէնքը մարդս կը դատէ՞ նախ քան զինք լսելը եւ գիտնալը թէ ի՛նչ ըրած է։ Անոնք պատասխանեցին Նիկոդեմոսի. – Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլեայէն ես. քննէ՛ Սուրբ գիրքերը եւ պիտի տեսնես, թէ Գալիլեայէն մարգարէ չ՚ելլեր։ Ապա ամէն մարդ իր տունը դարձաւ։ Իսկ Յիսուս գնաց Ձիթենեաց լեռը։ Առաւօտ կանուխ դարձեալ տաճար ելաւ։ Ամբողջ ժողովուրդը իրեն կու գար, եւ ինք նստած՝ կ՚ուսուցանէր անոնց։ Օրէնքի ուսուցիչները եւ Փարիսեցիները Յիսուսի բերին կին մը, որ շնութեան մէջ բռնուած էր, եւ զայն կանգնեցնելով բոլորին դիմաց, ըսին Յիսուսի. – Վարդապե՛տ, այս կինը շնութիւն ըրած ատեն բռնուեցաւ։ Մովսէս իր տուած Օրէնքին մէջ մեզի պատուիրեց այսպիսիները քարկոծել։ Արդ, դուն ի՞նչ կ՚ըսես այս մասին։ Ասիկա կ՚ըսէին՝ փորձելու համար Յիսուսը, որպէսզի զինք ամբաստանելու պատճառ մը ունենան։ Իսկ Յիսուս գետին նայելով՝ մատովը հողին վրայ կը գրէր։ Երբ անոնք շարունակեցին հարցնել, Յիսուս վեր նայեցաւ եւ ըսաւ անոնց. – Ձեր մէջէն անմեղը թող ի՛նք առաջին քարը նետէանոր վրայ։ Եւ դարձեալ գլուխը խոնարհեցնելով՝ հողին վրայ կը գրէր։ Այս խօսքը լսելով՝ մեծէն պզտիկ բոլորն ալ մէկ առ մէկ հեռացան։ Յիսուս մինակ մնաց եւ կինը՝ իր դիմաց կանգնած։ Ապա շտկուեցաւ եւ հարցուց կնոջ. – Ո՛վ կին, ո՞ւր են քեզ ամբաստանողները. մէկը քեզ չդատապարտե՞ց։ Անիկա պատասխանեց. – Ո՛չ մէկը, Տէ՛ր։ Յիսուս ըսաւ. – Ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր. գնա՛ եւ ասկէ ետք մի՛ մեղանչեր։ Յիսուս դարձեալ խօսեցաւ ժողովուրդին, ըսելով. – Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՚առաջնորդէ։ Փարիսեցիները ըսին. – Դուն ես քու անձիդ մասին վկայութիւն տուողը, հետեւաբար այդ վկայութիւնը ընդունելի չէ։ Յիսուս պատասխանեց. – Հակառակ անոր որ ե՛ս եմ իմ մասիս վկայողը, այսուհանդերձ այդ վկայութիւնը ճշմարիտ է, որովհետեւ գիտեմ թէ ուրկէ՛ եկայ եւ ու՛ր կ՚երթամ։ Բայց դուք չէք գիտեր թէ ես ուրկէ կու գամ եւ ուր կ՚երթամ։ Դուք արտաքին երեւոյթներէն կը դատէք. ես ոչ ոք կը դատեմ։ Իսկ եթէ դատելու ըլլամ՝ դատաստանս ճշմարիտ է, որովհետեւ առանձին չեմ, այլ իմ հետս է նաեւ զիս ղրկող Հայրը։ Ձեր Օրէնքին մէջ իսկ գրուած է, թէ երբ երկու հոգիի տուած վկայութիւնները համաձայն են իրարու, ուրեմն այդ վկայութիւնը ճշմարիտ է։ Ես եմ իմ մասիս վկայողը, եւ Հայրը որ զիս ղրկեց՝ ան ալ կը վկայէ իմ մասիս։ Անոնք հարցուցին իրեն. – Ո՞ւր է Հայրդ։ Յիսուս պատասխանեց. – Դուք ո՛չ զիս կը ճանչնաք, ո՛չ ալ Հայրս։ Որովհետեւ եթէ զիս ճանչնայիք՝ Հայրս ալ ճանչցած պիտի ըլլայիք։ Յիսուս այս խօսքերը ըսաւ տաճարի գանձատան մէջ ուսուցած ատեն։ Ոչ ոք զինք ձերբակալեց, որովհետեւ տակաւին անոր ժամանակը հասած չէր։ Ես այս աշխարհէն չեմ Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց. – Ահա ես կ՚երթամ. դուք պիտի փնտռէք զիս, եւ պիտի մեռնիք ձեր մեղքին մէջ, որովհետեւ չէք կրնար գալ հոն՝ ուր ես կ՚երթամ։ Հրեաները կը հարցնէին իրարու. – Կ՚ըսէ՝ թէ չէք կրնար գալ հոն ուր ես կ՚երթամ. արդեօք անձնասպա՞ն պիտի ըլլայ։ Յիսուս պատասխանեց. – Դուք այս աշխարհին կը պատկանիք, բայց ես վերէն կու գամ. դուք այս աշխարհէն էք, բայց ես այս աշխարհէն չեմ։ Ահա ասոր համար ձեզի ըսի, թէ ձեր մեղքերուն մէջ պիտի մեռնիք։ Այո՛, եթէ չհաւատաք թէ Ես եմ, դուք պիտի մեռնիք ձեր մեղքերուն մէջ։ Անոնք հարցուցին. – Ո՞վ ես դուն։ – Ան՝ որ սկիզբէն իսկ կը խօսէր ձեզի հետ,– պատասխանեց Յիսուս։ – Ձեր մասին շատ ըսելիքներ ունիմ եւ շատ բաներ՝ ձեզ դատապարտելու համար։ Բայց ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է, եւ ես հիմա այս աշխարհին կ՚ըսեմ այն՝ ինչ որ իրմէ լսեցի։ Սակայն անոնք չհասկցան թէ Յիսուս Հօրը մասին կը խօսէր։ Ուստի ըսաւ անոնց. – Երբ Մարդու Որդին բարձրացնէք, այն ատեն պիտի գիտնաք թէ Ես եմ, եւ թէ ոչինչ կ՚ընեմ ես ինձմէ, այլ կը խօսիմ այն՝ ինչ որ Հայրս սորվեցուց ինծի։ Եւ ան որ զիս ղրկեց՝ ինծի հետ միասին է։ Անիկա զիս առանձին չձգեց, որովհետեւ միշտ կը կատարեմ այն՝ ինչ որ հաճելի է իրեն։ Այս խօսքերուն վրայ շատեր հաւատացին Յիսուսի։ Յիսուս իրեն հաւատացող Հրեաներուն ուղղելով իր խօսքը, ըսաւ. – Եթէ հաւատարիմ մնաք իմ ուսուցումներուս՝ ճշմարտապէս իմ աշակերտներս եղած կ՚ըլլաք. ճշմարտութիւնը պիտի ճանչնաք եւ ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ։ Անոնք պատասխանեցին. – Մենք Աբրահամի զաւակ ենք եւ ոեւէ մէկուն ծառայ չենք եղած բնաւ. ինչպէ՞ս կ՚ըսես թէ «ազատ պիտի ըլլաք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Լաւ գիտցէք, թէ ով որ մեղք կը գործէ՝ ծառայ է մեղքին։ Ծառան տան մէջ մնայուն չէ, մինչդեռ որդին մնայուն է։ Արդ, եթէ Որդին ձեզ ազատէ, այն ատեն իրապէս ազատ պիտի ըլլաք։ Գիտեմ որ Աբրահամի զաւակ էք, բայց զիս սպաննել կ՚ուզէք, որովհետեւ խօսքս ձեր ներսիդին տեղ չունի։ Ես ինչ որ տեսայ Հօրս մօտ՝ զայն կը խօսիմ, իսկ դուք ինչ որ լսեցիք ձեր հօրմէն, զայն կը կատարէք։ Անոնք պատասխանեցին. – Մեր հայրը Աբրահամն է։ – Եթէ Աբրահամի զաւակ ըլլայիք,– ըսաւ Յիսուս,– Աբրահամի ըրած գործերը պիտի կատարէիք։ Բայց դուք հիմա կ՚ուզէք սպաննել զիս, պարզապէս որովհետեւ ձեզի խօսեցայ ճշմարտութիւնը, որ Հօրմէս լսեցի։ Աբրահամ այսպիսի բան մը չըրաւ։ Ահա դուք ձեր հօրը գործն է որ կ՚ընէք։ Անոնք պատասխանեցին. – Մենք ապօրինի զաւակներ չենք. մէ՛կ հայր ունինք՝ Աստուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Եթէ Աստուած ըլլար ձեր Հայրը, բնականաբար պիտի սիրէիք զիս, որովհետեւ ես Աստուծմէ ելայ եւ եկայ. ես ինձմէ չեկայ, այլ անիկա ղրկեց զիս։ Ինչո՞ւ խօսքս չէք հասկնար։ Անոր համար՝ որ չէք կրնար մտիկ ընել։ Դուք ձեր հօր՝ Սատանային զաւակներն էք եւ անոր ցանկութիւնները կատարել կ՚ուզէք։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան կողմնակից չէ եղած բնաւ, որովհետեւ անոր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ սուտ խօսի՝ իր նկարագիրը ցոյց կու տայ, քանի որ ստախօս մըն է եւ սուտին հայրը։ Իսկ որովհետեւ ես ճշմարտութիւնը կը խօսիմ՝ չէք հաւատար ինծի։ Ձեզմէ ո՞վ կրնայ ամբաստանել զիս ոեւէ մեղքով։ Իսկ եթէ ճշմարտութիւնը կը խօսիմ, ինչո՞ւ չէք հաւատար ինծի։ Ով որ Աստուծմէ է՝ Աստուծոյ խօսքերը մտիկ կ՚ընէ. իսկ դուք որովհետեւ Աստուծմէ չէք, անոր խօսքերը մտիկ չէք ըներ։ Հրեաները պատասխանեցին Յիսուսի. – Իրաւունք չունի՞նք ըսելու՝ թէ դուն Սամարացի ես եւ դեւ կայ մէջդ։ – Մէջս դեւ չկայ,– ըսաւ Յիսուս.– Ես Հայրս է որ կը պատուեմ, բայց դուք կ՚անարգէք զիս։ Ես ինծի համար փառք չեմ փնտռեր։ Կա՛յ մէկը, որ զիս կ՚ուզէ փառաւորել, եւ անիկա՛ է Դատաւորը։ Լաւ գիտցէք, թէ ով որ իմ խօսքերս գործադրէ՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի։ Անոնք ըսին. – Հիմա գիտցանք որ դեւ կայ մէջդ։ Աբրահամ մեռաւ, մեռան նաեւ մարգարէները, բայց տակաւին կ՚ըսես, թէ ով որ իմ խօսքերս գործադրէ՝ մահ պիտի չճաշակէ յաւիտեան ։ Արդեօք դուն աւելի մե՞ծ ես քան մեր հայրը՝ Աբրահամը, որ մեռաւ։ Նմանապէս մեռան մարգարէներն ալ. դուն քեզ ո՞վ կը կարծես։ Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ ես ինքզինքս փառաւորեմ՝ այդ փառքը ոչինչ կ՚արժէ։ Ան որ զիս կը փառաւորէ՝ իմ Հայրս է, որուն համար կ՚ըսէք՝ «Մեր Աստուածն է»։ Բայց դուք չէք ճանչնար զայն, մինչդեռ ես կը ճանչնամ զինք։ Եթէ ըսեմ թէ չեմ ճանչնար զինք՝ ձեզի նման ստախօս մը պիտի ըլլամ։ Բայց ես կը ճանչնամ զինք ու կը գործադրեմ իր խօսքերը։ Աբրահամ՝ ձեր հայրը, ցանկաց աշխարհ գալս տեսնել. տեսաւ եւ ուրախացաւ։ Անոնք ըսին. – Նոյնիսկ յիսուն տարեկան չես եւ Աբրահա՞մը տեսեր ես։ Յիսուս պատասխանեց. – Լաւ գիտցէք, Աբրահամի ծնունդէն առաջ եմ ես։ Ասոր վրայ քարեր առին՝ որ քարկոծեն զինք, սակայն Յիսուս խոյս տուաւ եւ տաճարէն դուրս ելաւ գնաց։ Երբ Յիսուս կ՚անցնէր, տեսաւ ի ծնէ կոյր մարդ մը։ Աշակերտները հարցուցին իրեն. – Վարդապե՛տ, մեղքը որո՞ւնն է որ այս մարդը կոյր ծնած է. ի՞րն է, թէ իր հօրն ու մօրը։ Յիսուս պատասխանեց. – Մեղքը ո՛չ իրն է, ո՛չ ալ հօրն ու մօրը։ Կոյր ծնած է, որպէսզի Աստուծոյ զօրութիւնը յայտնի ըլլայ իրմով։ Այնքան ատեն որ ցերեկ է, պէտք է կատարեմ զիս ղրկողին գործերը։ Գիշերը կու գայ, երբ ոչ ոք կրնայ աշխատիլ։ Քանի դեռ աշխարհի մէջ եմ՝ աշխարհի լոյսն եմ։ Ասիկա ըսելէ ետք՝ թքեց գետին, թուքով ցեխ շինեց եւ ծեփեց կոյրին աչքերը, եւ ըսաւ անոր. – Գնա՛ եւ աչքերդ լուա Սելովամի աւազանին մէջ։ (Սելովամ կը նշանակէ՝ ղրկուած)։ Կոյրը գնաց, աչքերը լուաց եւ երբ վերադարձաւ՝ արդէն կը տեսնէր։ Դրացիները եւ անոնք որոնք նախապէս տեսած էին կոյրը, որ կը մուրար, ըսին. – Ասիկա չէ՞ այն մարդը, որ կը նստէր կը մուրար։ Ոմանք կ՚ըսէին. – Ինքն է։ Ուրիշներ կ՚ըսէին. – Ո՛չ, ինքը չէ, այլ իրեն նմանող մէկն է։ Բայց ինք կ՚ըսէր. – Ես այդ կոյրն եմ։ – Բայց ինչպէ՞ս եղաւ որ աչքերդ բացուեցան,– հարցուցին անոնք։ Անիկա պատասխանեց. – Յիսուս անունով մէկը ցեխ շինեց, ծեփեց աչքերս եւ ըսաւ ինծի. «Գնա՛ Սելովամ եւ աչքերդ լուա»։ Գացի, աչքերս լուացի եւ ահա կը տեսնեմ։ – Ո՞ւր է ան,– հարցուցին անոնք։ Պատասխանեց. – Չեմ գիտեր։ Յետոյ անոնք երբեմնի կոյր մարդը տարին Փարիսեցիներուն ։ Օրը Շաբաթ էր, երբ Յիսուս ցեխ շինած էր եւ կոյրին աչքերը բացած։ Փարիսեցիներն ալ հարցուցին իրեն, թէ ի՛նչպէս կ՚ըլլայ որ կը տեսնէ։ Անիկա պատասխանեց. – Ցեխ դրաւ աչքերուս. յետոյ աչքերս լուացի եւ հիմա կը տեսնեմ։ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին. – Այդ մարդը չի կրնար Աստուծմէ ըլլալ, քանի Շաբաթ օրը չի պահեր։ Ուրիշներ սակայն կ՚ըսէին. – Իսկ ինչպէ՞ս կրնայ մեղաւոր մարդ մը այսպիսի հրաշքներ կատարել։ Եւ երկպառակութիւն ինկաւ անոնց մէջ։ Ուստի Փարիսեցիները անգամ մը եւս հարցուցին մարդուն. – Դո՞ւն ինչ կ՚ըսես այդ մարդուն համար, որ քու աչքերդ բացաւ։ – Մարգարէ մըն է,– պատասխանեց մարդը։ Բայց Հրեայ ղեկավարները չէին ուզեր հաւատալ, թէ անիկա կոյր էր եւ հիմա կը տեսնէ։ Ուստի անոր ծնողները կանչեցին եւ հարցուցին անոնց. – Ասիկա՞ է ձեր զաւակը. կ՚ըսէիք թէ կոյր ծնած է. աղէկ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ հիմա կը տեսնէ։ Ծնողները պատասխանեցին. – Գիտենք որ ասիկա է մեր զաւակը եւ գիտենք որ կոյր ծնաւ. բայց թէ այժմ ի՞նչպէս կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՞վ բացաւ անոր աչքերը՝ ատ ալ չենք գիտեր։ Իրե՛ն հարցուցէք, արդէն չափահաս է։ Թող ի՛նք խօսի իր մասին։ Ծնողները այսպէս ըսին, Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով, որովհետեւ անոնք համաձայնած էին ժողովարանէն դուրս դնել ան՝ որ կը հաւատար թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Օծեալը։ Ասոր համար էր որ անոր ծնողները ըսին. «Ինք արդէն չափահաս է, իրե՛ն հարցուցէք»։ Կրկին կանչեցին մարդը, որ կոյր էր, եւ ըսին իրեն. – Փառք տուր Աստուծոյ. մենք գիտենք թէ այդ մարդը մեղաւոր մըն է։ Անիկա պատասխանեց. – Չեմ գիտեր, թէ այդ մարդը մեղաւո՞ր է թէ ոչ. բայց մէկ բան գիտեմ, թէ կոյր էի եւ հիմա կը տեսնեմ։ – Ի՞նչ ըրաւ քեզի,– հարցուցին անոնք,– Ի՞նչպէս բացաւ աչքերդ։ Մարդը պատասխանեց. – Դեռ նոր ըսի ձեզի, բայց դուք չէք ուզեր մտիկ ընել։ Ինչո՞ւ կ՚ուզէք անգամ մըն ալ լսել. արդեօք դո՞ւք ալ կ՚ուզէք անոր աշակերտ դառնալ։ Անոնք սկսան նախատել զինք եւ ըսին. – Դո՛ւն ես անոր աշակերտը. մենք Մովսէսի աշակերտ ենք։ Գիտենք որ Աստուած Մովսէսի հետ խօսեցաւ, բայց ասիկա՝ չենք գիտեր թէ ուրկէ՛ է։ Մարդը պատասխանեց. – Զարմանալին ալ այդ է, որ դուք չէք գիտեր թէ անիկա ուրկէ է, եւ սակայն անիկա իմ աչքերս բացաւ։ Գիտենք որ Աստուած մեղաւորներուն մտիկ չ՚ըներ, բայց կը լսէ անոնց՝ որոնք աստուածապաշտ են եւ իր կամքը կը կատարեն։ Աշխարհի սկիզբէն ի վեր լսուած բան չէ, որ մէկը ի ծնէ կոյրի մը աչքերը բացած ըլլայ։ Եթէ այդ մարդը Աստուծմէ եկած չըլլար, բան մըն ալ պիտի չկրնար ընել։ Անոնք պատասխանեցին. – Ամբողջութեամբդ մեղքի մէջ ծնած ես, եւ մեր գլխուն ուսուցի՞չ կ՚ուզես ըլլալ։ Եւ ժողովարանէն դուրս դրին զայն։ Յիսուս լսեց թէ անոնք դուրս դրեր են մարդը, եւ երբ գտաւ զայն՝ հարցուց անոր. – Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին։ Անիկա պատասխանեց. – Տէ՛ր, ո՞վ է, որպէսզի հաւատամ անոր։ Յիսուս ըսաւ. – Դուն արդէն տեսար զայն. քեզի հետ խօսողն է։ – Կը հաւատամ, Տէ՛ր,– ըսաւ ան եւ երկրպագեց անոր։ Յիսուս ըսաւ. – Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան։ Փարիսեցիներէն ոմանք, որ շուրջն էին, լսեցին ասիկա եւ հարցուցին. – Արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք. բայց քանի կ՚ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք։ Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ. իսկ ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է։ Դռնապանը դուռը կը բանայ անոր եւ ոչխարները իր ձայնին կը հետեւին։ Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք։ Եւ երբ իր ոչխարները դուրս կը հանէ՝ ի՛նք կ՚առաջնորդէ, եւ ոչխարները կը հետեւին իրեն, որովհետեւ իր ձայնը կը ճանչնան։ Օտարին չեն հետեւիր. ընդհակառակը, կը փախչին անկէ, որովհետեւ օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար։ Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց, սակայն անոնք չհասկցան թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզէր իրենց։ Ուստի Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց. – Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։ Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ. բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան։ Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ։ Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար։ Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան։ Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար. մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ՝ կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի, ձգելով որ գայլը յափշտակէ եւ ցրուէ ոչխարները, որովհետեւ վարձկանը չի մտահոգուիր ոչխարներուն վիճակով։ Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան, այնպէս՝ ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ ես՝ Հայրը։ Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար։ Տակաւին ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս փարախէն դուրս են. պարտաւոր եմ զանոնք եւս ներս բերել։ Անոնք ալ ինծի մտիկ պիտի ընեն, եւ պիտի ըլլան մէկ հօտ՝ մէկ հովիւով։ Հայրը զիս կը սիրէ, որովհետեւ կեանքս կու տամ՝ վերստին առնելու համար զայն։ Ոչ ոք կրնայ կեանքս ինձմէ խլել։ Ես իմ կամքովս կեանքս կու տամ։ Իրաւունք ունիմ զայն տալու, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունիմ զայն կրկին առնելու։ Ահա այսպէս պատուիրեց Հայրս ինծի։ Դարձեալ երկպառակութիւն ինկաւ Հրեաներուն մէջ՝ այս խօսքերուն պատճառով։ Անոնցմէ շատեր կ՚ըսէին. – Դեւ կայ անոր ներսիդին եւ խենթացած է. ինչո՞ւ մտիկ կ՚ընէք իրեն։ Բայց ուրիշներ ալ կ՚ըսէին. – Ըսած խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն. միթէ դեւը կրնա՞յ կոյրի մը աչքերը բանալ։ Ձմեռ էր. Երուսաղէմի մէջ տաճարին նաւակատիքի տօնակատարութիւնը տեղի կ՚ունենար։ Յիսուս տաճարին Սողոմոնի սիւնագաւիթին մէջ կ՚երթեւեկէր, երբ իր շուրջ հաւաքուեցան Հրեաները եւ հարցուցին. – Մինչեւ ե՞րբ մեր հոգին պիտի հանես. եթէ դուն ես Քրիստոսը՝ յստակ ըսէ մեզի։ Յիսուս պատասխանեց. – Արդէն իսկ ձեզի ըսած եմ, սակայն չէք հաւատար։ Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն՝ թէ ով եմ ես։ Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք։ Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի, եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին։ Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքէս։ Հայրս այդ ոչխարները ինծի տուաւ, եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք իմ Հօրս ձեռքէն, որովհետեւ Հայրս բոլորէն աւելի մեծ է։ Ես եւ Հայրս մէկ ենք։ Հրեաները քարեր առին՝ քարկոծելու համար զինք։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Հօրս կողմէ բազմաթիւ բարի գործեր կատարեցի ձեր ներկայութեան, անոնցմէ ո՞ր մէկուն համար կ՚ուզէք քարկոծել զիս։ Հրեաները պատասխանեցին. – Բարի գործերուդ համար չէ որ կ՚ուզենք քարկոծել քեզ, այլ՝ քու ըրած հայհոյութեանդ համար, որովհետեւ դուն մարդ ես եւ դուն քեզ Աստուած կ՚ընես։ Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Չէ՞ որ ձեր Օրէնքին մէջ գրուած է՝ «Ես ըսի թէ աստուածներ էք»։ Ահաւասիկ Աստուած ինք «աստուածներ» կ՚անուանէ այն մարդիկը, որոնց իր խօսքը կ՚ուղղէ։ Եւ Սուրբ գիրքին ըսածը կարելի չէ ջնջել։ Արդ, Հայրը ինք ընտրեց զիս եւ աշխարհ ղրկեց. եւ որովհետեւ ըսի թէ Աստուծոյ Որդին եմ՝ ասո՞ր համար «Կը հայհոյես» կ՚ըսէք։ Եթէ ես իմ Հօրս ուզած գործերը չկատարեմ՝ մի՛ հաւատաք ինծի. իսկ եթէ կը կատարեմ՝ նոյնիսկ եթէ ինծի չէք հաւատար, բայց գործերուս հաւատացէք, որպէսզի գիտնաք ու ճանչնաք թէ Հայրը իմ մէջս է եւ ես՝ Հօրս մէջ։ Դարձեալ ուզեցին բռնել Յիսուսը, բայց անիկա խոյս տուաւ անոնց ձեռքէն։ Ապա կրկին գնաց Յորդանան գետին դիմացի կողմը, հոն՝ ուր Յովհաննէս նախապէս կը գտնուէր եւ կը մկրտէր։ Ու հոն մնաց։ Շատեր եկան իրեն. անոնք կ՚ըսէին. – Յովհաննէս ոեւէ հրաշք չգործեց, բայց ինչ որ ըսաւ այս մարդուն մասին՝ ճիշդ էր։ Եւ հոն շատեր հաւատացին Յիսուսի։ Հիւանդմէկըկար, Ղազարոս անունով, որ Բեթանիայէն էր. այն գիւղէն, ուրկէ էին Մարիամ եւ քոյրը՝ Մարթա։ Ասիկա այն Մարիամն էր, որ իւղով օծեց Տիրոջ ոտքերը եւ մազերով սրբեց, եւ որուն եղբայրն էր Ղազարոս, որ հիւանդ էր։ Ղազարոսի քոյրերը մարդ ղրկեցին Յիսուսի մօտ, որպէսզի անոր ըսեն. – Տէ՛ր, քու սիրելի բարեկամդ հիւանդ է։ Յիսուս երբ լսեց, ըսաւ. – Այս հիւանդութիւնը ո՛չ թէ մահուան, այլ Աստուծոյ փառքին պիտի ծառայէ եւ պատճառ պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ Որդին փառաւորուի։ Յիսուս կը սիրէր զանոնք՝ Մարթան, անոր քոյրը Մարիամը եւ Ղազարոսը։ Սակայն հակառակ Ղազարոսի հիւանդութեան լուրը առնելուն, երկուօր եւս մնաց հոն՝ ուր կը գտնուէր։ Յետոյ ըսաւ իր աշակերտներուն. – Եկէք կրկին Հրէաստան երթանք։ Աշակերտները իրեն ըսին. – Վարդապե՛տ, Հրէաստանցիները դեռ նոր կ՚ուզէին քեզ քարկոծել, հիմա կրկի՞ն հոն կ՚երթաս։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Ցերեկը տասներկու ժամ չէ՞։ Ան որ ցերեկ ատեն կը քալէ՝ չի սայթաքիր, որովհետեւ այս աշխարհի լոյսով իր շուրջը կը տեսնէ։ Բայց ան որ գիշեր ատեն կը քալէ՝ կը սայթաքի, որովհետեւ լոյս չունի։ Յիսուս այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ աւելցուց. – Մեր բարեկամը՝ Ղազարոս քնացած է, երթամ արթընցնեմ զինք։ Աշակերտները իրեն ըսին. – Տէ՛ր, եթէ քնացած է՝ ուրեմն կ՚առողջանայ։ Յիսուս Ղազարոսի մահուան ակնարկութիւն կ՚ընէր, մինչ աշակերտներուն այնպէս թուեցաւ՝ թէ անոր քնանալուն կ՚ակնարկէ։ Այն ատեն բացայայտ կերպով ըսաւ. – Ղազարոս մեռաւ. բայց ես հոն չըլլալուս՝ ձեզի համար ուրախ եմ, որովհետեւ դուք ինծի պիտի հաւատաք։ Ուրեմն եկէք իր քով երթանք։ Թովմաս, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, ընկերներուն ըսաւ. – Օ՛ն, եկէք մենք ալ երթանք իրեն հետ մեռնելու։ Երբ Յիսուս Բեթանիա հասաւ, արդէն իսկ Ղազարոս չորս օրէ ի վեր թաղուած էր։ Բեթանիա Երուսաղէմի մօտիկ է, միայն երեք քիլոմեթր հեռու։ Հրեաներէն շատեր հոնկէ եկած էին Մարթայի եւ Մարիամի մօտ, զանոնք մխիթարելու համար իրենց եղբօր մահուան առիթով։ Մարթա երբ լսեց թէ Յիսուս կու գայ, դիմաւորելու գնաց, մինչ Մարիամ տունը մնաց։ Մարթա Յիսուսի ըսաւ. – Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ եղբայրս չէր մեռներ։ Բայց հիմա իսկ գիտեմ, թէ ի՛նչ որ Աստուծմէ խնդրես՝ Աստուած քեզի պիտի տայ։ Յիսուս անոր ըսաւ. – Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ։ Մարթա պատասխանեց. – Գիտեմ որ յարութիւն պիտի առնէ վերջին օրը, յարութեան ատեն։ Յիսուս ըսաւ. – Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի։ Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի։ Կը հաւատա՞ս ըսածիս։ – Այո՛, Տէ՜ր,– պատասխանեց Մարթա,– կը հաւատամ թէ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գայիր։ Մարթա այս խօսքերը ըսելէ ետք գնաց եւ իր քոյրը՝ Մարիամը կանչեց եւ փսփսալով ըսաւ. – Վարդապետը եկած է եւ քեզ կը կանչէ։ Մարիամ լսելուն պէս ոտքի ելաւ եւ Յիսուսի մօտ գնաց։ Յիսուս տակաւին գիւղ չէր մտած, այլ կեցած էր հոն՝ ուր Մարթա զինք դիմաւորած էր։ Տան մէջ գտնուող Հրեաները, որոնք Մարիամը կը մխիթարէին, երբ տեսան որ աճապարանքով ոտքի ելլելով գնաց, հետեւեցան անոր, որովհետեւ կարծեցին թէ գերեզման կ՚երթայ՝ հոն լալու համար։ Մարիամ հասաւ այնտեղ՝ ուր Յիսուս կեցած էր։ Հազիւ զայն տեսած, անոր ոտքերուն ինկաւ եւ ըսաւ. – Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ։ Յիսուս երբ տեսաւ Մարիամը որ կու լար, ինչպէս նաեւ անոր հետ եկող Հրեաները որոնք կու լային, հոգեպէս խռովեցաւ եւ յուզուած՝ ըսաւ. – Ո՞ւր թաղեցիք զինք։ Անոնք ըսին. – Տէ՜ր, եկո՛ւր եւ տես։ Յիսուս լացաւ։ Հրեաները իրարու կ՚ըսէին. – Տեսէք թէ ո՛րքան կը սիրէր զայն։ Ոմանք ալ կ՚ըսէին. – Այս մարդը որ կոյրին աչքը բացաւ, չէ՞ր կրնար այնպէս մը ընել՝ որ Ղազարոսը չմեռնէր։ Յիսուս դարձեալ ներքնապէս յուզուեցաւ եւ մօտեցաւ գերեզմանին, որ քարայր մըն էր եւ որուն մուտքին քար մը դրած էին։ Յիսուս ըսաւ. – Վերցուցէ՛ք քարը։ Մարթան, մեռնողին քոյրը, ըսաւ անոր. – Տէ՛ր, հիմա նեխած պէտք է ըլլայ, որովհետեւ չորս օրէ ի վեր թաղուած է։ Յիսուս Մարթային ըսաւ. – Քեզի չըսի՞, որ եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես։ Երբ անոնք քարը վերցուցին, Յիսուս աչքերը վեր բարձրացուց եւ ըսաւ. – Հա՜յր, շնորհակալութիւն քեզի՝ որ լսեցիր զիս։ Գիտեմ որ միշտ կը լսես զիս. բայց ինչ որ այժմ կ՚ըսեմ՝ շուրջս գտնուող ժողովուրդին համար կ՚ըսեմ, որպէսզի անոնք հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս։ Ասիկա ըսելէ ետք՝ բարձր ձայնով կանչեց. – Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր։ Ու Ղազարոս դուրս ելաւ՝ ոտքերը եւ ձեռքերը պատանքով փաթթուած եւ երեսը վարշամակով ծածկուած։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Քակեցէ՛ք պատանքը եւ ձգեցէք որ երթայ։ Հրեաներէն շատեր, որոնք Մարիամենց տունը եկած էին, երբ Յիսուսի կատարած այս հրաշքը տեսան, հաւատացին անոր։ Սակայն ուրիշներ գացին Փարիսեցիներուն մօտ եւ պատմեցին ինչ որ Յիսուս կատարեց։ Աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները կանչեցին Ատեանի անդամները եւ ըսին. – Ի՞նչ ընելու ենք, քանի այս մարդը բազմաթիւ հրաշքներ կը գործէ։ Եթէ զինք այսպէս ձգենք՝ բոլորն ալ իրեն պիտի հաւատան, եւ Հռոմայեցիները պիտի գան ու կործանեն մեր տաճարն ու ազգը։ Անոնցմէ մէկը, որուն անունը Կայիափա էր եւ որ այդ տարի Քահանայապետն էր, ըսաւ անոնց. – Դուք բան չէք գիտեր. չէ՞ք խորհիր թէ մեզի համար աւելի լաւ է՝ որ մէկ հոգի մեռնի ժողովուրդին համար, քան թէ ամբողջ ազգը կորսուի։ Այս խօսքերը անիկա ինքնիրմէ չըսաւ, այլ՝ այդ տարի Քահանայապետը ըլլալուն՝ մարգարէացաւ թէ Յիսուս պիտի մեռնէր իր ժողովուրդին համար։ Եւ ո՛չ միայն Հրեայ ժողովուրդին համար, այլ՝ որպէսզի Աստուծոյ ցրուած որդիներն ալ ի մի հաւաքէ։ Եւ այսպէս, այդ օրէն սկսեալ Հրեայ ղեկավարները որոշեցին սպաննել Յիսուսը։ Յիսուս անկէ ետք համարձակ չէր շրջեր Հրէաստանի մէջ. ուստի այդտեղէն ելլելով՝ գնաց անապատին մօտիկ շրջանին մէկ քաղաքը, որ Եփրայիմ կը կոչուէր, եւ հոն մնաց իր աշակերտներուն հետ։ Մօտ էր Հրեաներուն Զատիկը ։ Այդ գաւառէն շատեր Երուսաղէմ ելան, որպէսզի Զատիկէն առաջ մաքրուին իրենց ծիսական սովորութեան համաձայն։ Անոնք Յիսուսը կը փնտռէին, եւ երբ տաճարին մէջ հաւաքուած էին՝ իրարու կը հարցնէին. – Ի՞նչ կը կարծէք. արդեօք տօնին առիթով հոս պիտի չգա՞յ։ Աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները պատուիրած էին, որ եթէ մէկը անոր ուր ըլլալը գիտնայ՝ իմացնէ, որպէսզի ձերբակալեն զայն։ Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ, հոն՝ ուր Ղազարոսը կ՚ապրէր, այն մարդը՝ որ մեռած էր եւ որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր։ Հոն իրեն ընթրիք պատրաստեցին։ Մարթան կը սպասարկէր եւ Ղազարոսն ալ սեղանակիցներէն մէկն էր։ Ընթրիքի ատեն Մարիամ շիշ մը ազնիւ եւ սուղ նարդոսի իւղ առնելով՝ օծեց Յիսուսի ոտքերը եւ իր մազերով սրբեց զանոնք։ Տունը իւղին անուշահոտութեամբը լեցուեցաւ։ Աշակերտներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիոտացին, որ զայն մատնողը պիտի ըլլար, ըսաւ. – Ինչո՞ւ այդ իւղը երեք հարիւր արծաթ դահեկանի չծախուէր եւ աղքատներուն չտրուէր։ Ասիկա ըսաւ՝ ո՛չ թէ անոր համար որ կը մտահոգուէր աղքատներով, այլ որովհետեւ գող էր։ Իր քով կը գտնուէր գանձանակը եւ ի՛նչ որ հոն կը ձգուէր՝ անկէ կ՚օգտուէր։ Յիսուս պատասխանեց. – Ազա՛տ ձգէ զինք, որովհետեւ թաղումիս օրը ըլլալիքն է որ հիմա կ՚ընէ։ Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս միշտ ձեզի հետ չունիք։ Հրեաներու մեծ բազմութիւն մը, երբ գիտցաւ թէ Յիսուս Բեթանիայի մէջ է, եկաւ՝ ո՛չ միայն Յիսուսի համար, այլ նաեւ տեսնելու համար Ղազարոսը, որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր։ Ուստի աւագ քահանաները որոշեցին Ղազարոսն ալ սպաննել, որովհետեւ Հրեաներէն շատեր Ղազարոսը տեսնելու կ՚երթային ու կը հաւատային Յիսուսի։ Յաջորդ օր, ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը, որ Զատիկի տօնին առիթով Երուսաղէմ եկած էր, երբ լսեց թէ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ, արմաւենիի ճիւղեր առաւ եւ Յիսուսը դիմաւորելու ելաւ, բարձրաձայն աղաղակելով. «Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ ըլլայ ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով, Իսրայէլի թագաւորը»։ Յիսուս էշ մը գտնելով՝ նստաւ անոր վրայ, ինչպէս որ Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է.– «Մի՛ վախնար, ո՜վ Երուսաղէմ, Սիոնի՛ աղջիկ. ահա թագաւորդ քեզի կու գայ իշու մը աւանակին վրայ նստած»։ Յիսուսի աշակերտները այս բոլորը չհասկցան ատենին, բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ՝ այն ատեն յիշեցին, թէ այս կատարուածները Յիսուսի համար գրուած էին եւ իրենք այդ գրուածն էր որ կատարեցին։ Բոլոր անոնք, որոնք Յիսուսի հետ էին՝ երբ անիկա Ղազարոսը կանչեց գերեզմանէն եւ զայն մեռելներէն յարուցանեց, այդ մասին վկայութիւն կու տային։ Այդ իսկ պատճառով Երուսաղէմ գտնուողները բոլորն ալ զինք դիմաւորելու ելան, որովհետեւ լսած էին, թէ ի՛նչպէս անիկա յարութեան հրաշքը գործած էր։ Իսկ Փարիսեցիները իրարու կ՚ըսէին. – Կը տեսնէ՞ք որ բան մըն ալ չենք կրնար ընել. ահա ամ– բողջ աշխարհը իրեն կը հետեւի։ Տօնին առիթով կարգ մը Յոյներ ալ եկած էին Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ երկրպագելու։ Անոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Գալիլեայի Բեթսայիդա քաղաքէն էր, եւ աղաչելով ըսին. – Տէ՛ր, կ՚ուզենք Յիսուսը տեսնել։ Փիլիպպոս եկաւ Անդրէասին ըսաւ եւ երկուքը միասին Յիսուսի ներկայացուցին անոնց խնդրանքը։ Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ։ Վստահ գիտցէք, որ եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չմեռնի, ինք որպէս առանձին հատիկ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ բազմաթիւ հատիկներ կու տայ։ Ով որ իր անձը կը սիրէ՝ կը կորսնցնէ զայն, իսկ ով որ իր անձը կ՚անտեսէ այս աշխարհի վրայ՝ զայն յաւիտենական կեանքին համար պահած կ՚ըլլայ։ Ով որ ուզէ ինծի ծառայել՝ պէտք է ինծի հետեւի, եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ։ Եւ Հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը։ Բայց հիմա հոգիս խռոված է. եւ ի՞նչ ըսեմ։ Ըսե՞մ՝ «Հա՜յր, ազատէ՛ զիս այս ժամէն»։ Բայց տառապանքի այս ժամուն համար եկած եմ արդէն։ Հա՜յր, փառաւորէ՛ քու անունդ։ Ձայն մը եկաւ երկինքէն, որ կ՚ըսէր. – Փառաւորեցի եւ դարձեալ պիտի փառաւորեմ։ Ժողովուրդը, որ հոն կը գտնուէր, լսեց ձայնը։ Ոմանք ըսին. – Որոտում եղաւ։ Իսկ ուրիշներ ըսին. – Հրեշտակ մը խօսեցաւ իրեն։ Բայց Յիսուս պատասխանեց. – Ինծի համար չէ որ այս ձայնը եկաւ, այլ՝ ձեզի համար։ Հիմա կը սկսի այս աշխարհի դատաստանը ։ Հիմա այս աշխարհի իշխանը դուրս պիտի նետուի։ Եւ երբ երկրէն բարձրանամ՝ ամէնքն ալ ինծի պիտի քաշեմ։ Ասիկա ըսելով՝ կը հասկցնէր թէ ի՛նչ տեսակ մահով պիտի մեռնէր։ Ժողովուրդը պատասխանեց. – Մեր Օրէնքը մեզի կ՚ըսէ, թէ Քրիստոս յաւիտեան պիտի մնայ, իսկ դուն ինչպէ՞ս կ՚ըսես թէ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ։ Ո՞վ է այդ Մարդու Որդին։ Յիսուս պատասխանեց. – Լոյսը քիչ մը ատեն ալ ձեզի հետ է. քալեցէ՛ք քանի լոյսը ունիք, որպէսզի խաւարը ձեզի չտիրէ։ Որովհետեւ ան որ խաւարին մէջ կը քալէ՝ չի գիտեր թէ ո՛ւր կ՚երթայ։ Հաւատացէ՛ք լոյսին՝ քանի տակաւին լոյսը ունիք, որպէսզի լոյսի որդիներ ըլլաք։ Յիսուս այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ գնաց եւ անոնցմէ պահուըտեցաւ։ Հակառակ անոր որ Յիսուս բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր անոնց դիմաց, բայց անոնք չէին հաւատար իրեն, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Աստուած ըսած էր Եսայի մարգարէի բերնով.– « Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Տիրոջ զօրութիւնը որո՞ւն յայտնուեցաւ»։ Անոնք չէին կրնար հաւատալ, որովհետեւ Տէրը դարձեալ կ՚ըսէ Եսայիի բերնով.– «Աստուած անոնց աչքերը կուրցուց, եւ անոնց միտքերը կարծրացուց, որպէսզի չըլլայ որ աչքերով տեսնեն եւ միտքով հասկնան ու դարձի գան, եւ ես բժշկեմ զանոնք»։ Եսայի այս խօսքերը ըսաւ, որովհետեւ տեսաւ Յիսուսի փառքը եւ խօսեցաւ անոր մասին։ Ամէն պարագայի, նոյնիսկ Հրեայ իշխանաւորներէն շատեր հաւատացին Յիսուսի, բայց Փարիսեցիներուն պատճառով չէին յայտներ, որպէսզի ժողովարաններէն դուրս չդրուին, քանի նախընտրեցին մարդոցմէ փառաւորուիլ, քան՝ Աստուծմէ։ Եւ Յիսուս բարձրաձայն ըսաւ. – Ով որ ինծի կը հաւատայ, ո՛չ թէ ինծի հաւատացած կ՚ըլլայ, այլ անոր՝ որ զիս ղրկած է։ Նոյնպէս, ով որ զիս կը տեսնէ՝ զիս ղրկողն ալ տեսած կ՚ըլլայ։ Ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ։ Ես չեմ դատապարտեր ան՝ որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ սակայն չի գործադրեր, որովհետեւ չեմ եկած աշխարհը դատապարտելու, այլ՝ աշխարհը փրկելու։ Սակայն կայ մէկը որ պիտի դատապարտէ զիս անարգողը եւ խօսքերս չընդունողը։ Աստուծոյ խօսքը, որ ես ձեզի խօսեցայ, անիկա՛ զայն պիտի դատապարտէ վերջին օրը։ Որովհետեւ ես ինձմէ չխօսեցայ, այլ զիս ղրկող Հայրը ինծի պատուիրեց ինչ որ պիտի ըսեմ եւ խօսիմ։ Եւ գիտեմ որ այդ պատուէրը յաւիտենական կեանք կու տայ։ Հետեւաբար, ինչ որ կը խօսիմ՝ Հօրս ինծի ըսածն է որ կը խօսիմ։ Զատիկի տօնին նախօրեակին, Յիսուս գիտնալով թէ հասած է ժամը, երբ այս աշխարհէն իր Հօրը քով պիտի երթայ, սիրեց անոնք որոնք այս աշխարհի մէջ իրեն հետեւորդ էին եւ ծայր աստիճան սիրեց զանոնք։ Երբ Յիսուս եւ իր աշակերտները ընթրիք կ՚ընէին, Սատանան արդէն իսկ Իսկարիոտացի Սիմոնի որդիին՝ Յուդայի մտքին մէջ դրած էր Յիսուսը մատնելու խորհուրդը։ Յիսուս գիտնալով հանդերձ որ Հայրը ամէն իշխանութիւն տուած է իրեն եւ թէ ինք Աստուծմէ եկած է եւ Աստուծոյ կ՚երթայ, ելաւ սեղանէն, մէկ կողմ դրաւ իր վրայի հագուստը եւ ղենջակ մը առնելով՝ մէջքին կապեց։ Ապա ջուր առնելով՝ լեցուց կոնքին մէջ եւ սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ մէջքին կապած ղենջակով սրբել։ Երբ եկաւ Սիմոն Պետրոսի մօտ, անիկա ըսաւ. – Տէ՛ր, դո՞ւն իմ ոտքերս պիտի լուաս։ Յիսուս պատասխանեց. – Ինչ որ կ՚ընեմ՝ դուն հիմա չես հասկնար, բայց յետոյ պիտի հասկնաս։ Պետրոս ըսաւ. – Երբե՛ք դուն իմ ոտքերս պիտի չլուաս։ Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս։ – Տէ՛ր,– ըսաւ Սիմոն Պետրոս,– ուրեմն ո՛չ միայն ոտ– քերս լուա, այլ նաեւ ձեռքերս եւ գլուխս։ Յիսուս պատասխանեց. – Ան որ լուացուած է՝ մաքուր կ՚ըլլայ, հետեւաբար միայն ոտքերը լուալ պէտք է։ Դուք մաքուր էք, բայց ո՛չ բոլորդ։ Քանի Յիսուս գիտէր թէ ո՛վ պիտի մատնէր զինք, ահա թէ ինչո՛ւ ըսաւ՝ «Դուք մաքուր էք, բայց ո՛չ բոլորդ»։ Յիսուս իր աշակերտներուն ոտքերը լուալէ ետք՝ հագաւ իր հագուստները եւ կրկին սեղան բազմեցաւ։ Ապա հարցուց. – Գիտէ՞ք ինչ ըրի ձեզի։ Դուք զիս « Վարդապետ » եւ «Տէր» կը կոչէք, եւ ճիշդ կ՚ըսէք, որովհետեւ իրապէս ալ եմ։ Արդ, եթէ ես՝ որ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ։ Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ ես ձեզի ըրի։ Լա՛ւ գիտցէք, թէ ծառան իր տիրոջմէ մեծ չէ եւ ոչ ալ ղրկուածը՝ զինք ղրկողէն։ Եթէ ասիկա գիտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն։ Խօսքս բոլորիդ համար չէ, որովհետեւ ես կը ճանչնամ ընտրածներս. այլ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքին խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Ան որ ինծի հետ հաց կ՚ուտէր՝ դաւաճանեց ինծի»։ Հիմակուընէ իսկ կ՚ըսեմ ձեզի, տակաւին ասիկա չպատահած, որպէսզի երբ պատահի՝ հաւատաք թէ Ես եմ։ Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ կ՚ընդունի ան՝ որ ես պիտի ղրկեմ՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ընդունած կ՚ըլլայ զիս ղրկողը։ Այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ Յիսուս հոգեպէս խռովեցաւ եւ բացայայտօրէն ըսաւ. – Լա՛ւ գիտցէք, թէ ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս։ Աշակերտները իրարու կը նայէին, շուարած՝ թէ որո՞ւն համարկ՚ըսէ։ Աշակերտներէն մէկը, զոր Յիսուս կը սիրէր, բազմած էր Յիսուսի կողքին։ Սիմոն Պետրոս նշան ըրաւ անոր՝ հարցնելու թէ որո՞ւն համար կ՚ըսէ։ Այդ աշակերտը Յիսուսի կողմը դառնալով՝ հարցուց. – Տէ՛ր, ո՞վ է։ Յիսուս պատասխանեց. – Պատառը թաթխելով որո՛ւն որ տամ՝ ան է։ Եւ պատառը թաթխելով տուաւ Իսկարիոտացի Յուդային։ Յուդա հազիւ պատառը առած՝ Սատանան իր մէջ մտաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ։ Սեղանին շուրջ նստողներէն ո՛չ ոք հասկցաւ, թէ ինչո՛ւ այս խօսքը ըսաւ անոր։ Եւ որովհետեւ Յուդայի մօտ կը գտնուէր գանձանակը, աշակերտներէն ոմանք կարծեցին՝ թէ Յիսուս անոր ըսաւ. «Գնա՛ եւ տօնին առիթով ինչ որ մեզի պէտք է՝ գնէ, եւ կամ աղքատներուն բան մը տուր»։ Յուդա պատառը առնելէ ետք՝ անմիջապէս դուրս ելաւ։ Եւ գիշեր էր։ Յուդայի մեկնելէն ետք, Յիսուս ըսաւ. – Այժմ փառաւորուեցաւ Մարդու Որդին եւ Աստուած փառաւորուեցաւ անով։ Եւ եթէ Աստուած փառաւորուեցաւ անով, Աստուած ալ զայն պիտի փառաւորէ իրմով. եւ շուտով պիտի փառաւորէ զայն։ Որդեակնե՛ր, կարճ ժամանակ մըն ալ ձեզի հետ եմ. պիտի փնտռէք զիս։ Եւ ինչպէս որ Հրեայ ղեկավարներուն ըսի՝ ձեզիալ կ՚ըսեմ. «Հոն՝ ուր ես կ՚երթամ, դուք չէք կրնար գալ»։ Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.– Սիրեցէ՛ք իրար։ Ինչպէս ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէք։ Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք։ – Տէ՛ր, ո՞ւր կ՚երթաս,– հարցուց Սիմոն Պետրոս։ Յիսուս պատասխանեց. – Հոն՝ ուր ես կ՚երթամ, այժմ չես կրնար գալ, բայց յետոյ պիտի գաս ետեւէս։ Պետրոս ըսաւ. – Տէ՛ր, ինչո՞ւ հիմա չեմ կրնար հետեւիլ քեզի։ Կեանքս անգամ կը զոհեմ քեզի համար։ Յիսուս պատասխանեց. – Կեա՞նքդ պիտի զոհես ինծի համար։ Լա՛ւ գիտցիր, որ աքաղաղը չկանչած՝ դուն երեք անգամ պիտի ուրանաս զիս։ Ապա Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. – Թող չխռովին ձեր սիրտերը։ Հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի։ Հօրս տան մէջ շատ օթեւաններ կան. եթէ այդպէս չըլլար՝ չէի ըսեր ձեզի, թէ կ՚երթամ եւ ձեզի համար տեղ կը պատրաստեմ։ Եւ երբ երթամ եւ ձեզի համար տեղ պատրաստեմ, դարձեալ պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէսզի ըլլաք հոն՝ ուր ես կը գտնուիմ։ Եւ դուք գիտէք թէ ո՛ւր կ՚երթամ եւ անոր ճամբան ալ գիտէք։ – Թովմաս ըսաւ իրեն. – Տէ՛ր, չենք գիտեր ուր կ՚երթաս. արդ, ինչպէ՞ս կրնանք ճամբան գիտնալ։ Յիսուս պատասխանեց անոր. – Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը։ Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ։ Եթէ զիս ճանչնայիք՝ Հայրս ալ պիտի ճանչնայիք. եւ այժմէն իսկ դուք գիտէք զայն եւ տեսած էք զայն։ Փիլիպպոս ըսաւ. – Տէ՛ր, ցոյց տուր մեզի Հայրը եւ կը բաւէ մեզի։ Յիսուս պատասխանեց. – Այսքան ատեն ձեզի հետ եմ եւ տակաւին չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս։ Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսած եղաւ, ալ ի՞նչպէս կ՚ըսես՝ «Ցոյց տուր մեզի Հայրը»։ Չե՞ս հա– ւատար թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրս իմ մէջս է։ Այս խօս– քերը որ ձեզի կ՚ըսեմ՝ ես ինձմէ չեմ ըսեր. Հայրը որ մէջս կը բնակի՝ իմ միջոցաւս կը կատարէ իր գործերը։ Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրս մէջ եմ եւ Հայրը իմ մէջս. եթէ ոչ խօսքերուս համար՝ գոնէ կատարած գործերուս համար հաւատացէք։ Լա՛ւ գիտցէք, թէ ով որ ինծի կը հաւատայ՝ պիտի կատարէ ինչ որ ես կ՚ընեմ եւ անոնցմէ աւելին ալ պիտի կատարէ, որովհետեւ ես Հօրս քով կ՚երթամ։ Եւ ինչ որ իմ անունովս խնդրէք՝ պիտի կատարեմ զայն, որպէսզի Հայրը փառաւորուի Որդիով։ Այո՛, եթէ ոեւէ բան խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի կատարեմ զայն։ – Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք իմ պատուիրաններս։ Եւ ես Հօրս պիտի աղաչեմ՝ որ ուրիշ Մխիթարիչ մը տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան ձեզի հետ ըլլայ։ Անիկա Սուրբ Հոգին է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Աշխարհը չի կրնար զայն ընդունիլ, որովհետեւ ո՛չ կը տեսնէ եւ ո՛չ ալ կը ճանչնայ զայն։ Բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մէջ պիտի մնայ եւ ձեր հետ պիտի ըլլայ։ Որբ պիտի չձգեմ ձեզ. կրկին պիտի գամ ձեզի։ Մօտ ատենէն այլեւս աշխարհը զիս պիտի չտեսնէ, բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, որովհետեւ ես կ՚ապրիմ եւ դուք ալ պիտի ապրիք։ Այն օրը դուք պիտի գիտնաք՝ թէ ես Հօրս մէջ եմ, դուք իմ մէջս եւ ես՝ ձեր մէջ։ Ով որ կ՚ընդունի իմ պատուիրաններս եւ կը գործադրէ զանոնք, ա՛ն է որ զիս կը սիրէ։ Եւ Հայրս պիտի սիրէ զիս սիրողը։ Ես ալ պիտի սիրեմ զայն եւ ինքզինքս յայտնեմ անոր։ Յուդան, ոչ Իսկարիոտացին, ըսաւ իրեն. – Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ ինքզինքդ մեզի պիտի յայտնես եւ ոչ թէ աշխարհին։ Յիսուս պատասխանեց անոր. – Ով որ կը սիրէ զիս՝ խօսքերս կը գործադրէ. Հայրս ալ պիտի սիրէ զայն եւ ես ու Հայրս անոր պիտի գանք եւ անոր հետ բնակինք։ Եւ ով որ չի սիրեր զիս՝ խօսքերս չի գործադրեր։ Այս ըսածներս որ լսեցիք՝ իմ խօսքերս չեն, այլ խօսքերը Հօրս, որ զիս ղրկեց։ Այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, քանի տակաւին ձեզի հետ եմ։ Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի։ – Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է։ Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք։ Լսեցիք ինչ որ ըսի ձեզի, թէ՝ «Ահա կ՚երթամ, բայց կրկին պիտի գամ ձեզի»։ Եթէ զիս սիրէիք, ուրախ պիտի ըլլայիք որ Հօրս կ՚երթամ, որովհետեւ Հայրս ինձմէ մեծ է։ Այս բոլորը ձեզի ըսի՝ նախ քան պատահիլը, որպէսզի երբ պատահին՝ այն ատեն հաւատաք։ Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի։ Բայց աշխարհը պէտք է գիտնայ թէ ես Հայրը կը սիրեմ եւ այդ է պատճառը, որ ինծի բոլոր պատուիրածները կը կատարեմ։ Ելէ՛ք, երթանք այստեղէն։ Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը, եւ Հայրս մշակն է։ Անիկա կը կտրէ վրաս հաստատուած բոլոր այն ճիւղերը որոնք պտուղ չեն տար, իսկ բոլոր անոնք որոնք պտուղ կու տան՝ յօտելով կը մաքրէ, որպէսզի աւելի պտղաբեր ըլլան։ Դուք արդէն իսկ մաքրուած էք այն խօսքին համար՝ որ ձեզի խօսեցայ։ Ինծի միացած մնացէք եւ ես ձեզի միացած պիտի մնամ։ Ինչպէս որ ճիւղը ինք առանձին պտուղ չի տար՝ եթէ որթատունկին միացած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար պտուղ տալ՝ եթէ ինծի միացած չըլլաք։ Ես եմ որթատունկը եւ դուք՝ ճիւղերը։ Ով որ ինծի միացած է եւ ես անոր՝ անիկա առատ պտուղ պիտի տայ, որովհետեւ առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել։ Ով որ ինծի միացած չի մնար՝ կտրուելով դուրս կը նետուի եւ կը չորնայ, նման այն ճիւղերուն՝ որ կը հաւաքեն եւ կրակը նետելով կ՚այրեն։ Եթէ ինծի միացած մնաք եւ խօսքերս ձեր մէջ մնան, խնդրեցէք Աստուծմէ ինչ որ ուզէք եւ պիտի տայ ձեզի։ Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք առատ պտուղ տաք եւ այսպիսով իմ աշակերտներս ըլլաք։ Ինչպէս որ Հայրս զիս սիրեց, նոյն ձեւով ալ ես ձեզ սիրեցի։ Մնացէ՛ք իմ սիրոյս մէջ։ Եթէ գործադրէք իմ պատուիրաններս, իմ սիրոյս մէջ մնացած պիտի ըլլաք, ինչպէս որ ես Հօրս պատուիրանները գործադրելով անոր սիրոյն մէջ կը մնամ։ Ասոնք ըսի ձեզի, որպէսզի իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Իմ պատուէրս է՝ որ սիրէք իրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։ Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի։ Այլեւս ձեզ ծառայ չեմ կոչեր, որովհետեւ ծառան չի գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր տէրը. այլ՝ ձեզ բարեկամ կոչեցի, որովհետեւ ինչ որ Հօրմէս լսեցի՝ ձեզի յայտնեցի։ Դուք չէ որ զիս ընտրեցիք, այլ ե՛ս ձեզ ընտրեցի եւ նշանակեցի ձեզ՝ որ երթաք եւ պտղաբեր ըլլաք եւ ձեր պտուղը մնայուն ըլլայ, որպէսզի Հայրս տայ ձեզի ինչ որ իմ անունովս խնդրէք։ Դարձեալ կը պատուիրեմ ձեզի, սիրեցէ՛ք իրար։ – Եթէ աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, գիտցէք որ նախ զիս ատեց։ Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք՝ աշխարհը ձեզ պիտի սիրէր, որպէս իրմէ եղող մէկը։ Բայց աշխարհը ձեզ կ՚ատէ, որովհետեւ ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս։ Յիշեցէ՛ք այն խօսքը որ ըսի ձեզի, թէ «Ծառան իր տիրոջմէ աւելի մեծ չէ»։ Եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ պիտի հալածեն. եթէ իմ խօսքերս գործադրեցին, ապա ձերն ալ պիտի գործադրեն։ Բայց այս բոլորը ձեզի պիտի ընեն իմ անունիս պատճառով, որովհետեւ զիս ղրկողը չեն ճանչնար։ Եթէ աշխարհ եկած չըլլայի եւ խօսած չըլլայի իրենց, մեղք պիտի չունենային. բայց հիմա իրենց մեղքին համար ոեւէ արդարացում չունին։ Ով որ զիս կ՚ատէ, իմ Հայրս ատած կ՚ըլլայ։ Եթէ իրենց մէջ կատարած չըլլայի այնպիսի գործեր, որոնք ուրիշ ոչ ոք ըրած է, անոնք մեղք պիտի չունենային։ Սակայն ահա անոնք տեսան իմ գործերս եւ ատեցին թէ՛ զիս եւ թէ՛ Հայրս։ Արդ, կը կատարուի իրենց Օրէնքին մէջ գրուածը, որ կ՚ըսէ «Զիս ատեցին՝ առանց ոեւէ պատճառի»։ Բայց երբ գայ Մխիթարիչը, այսինքն Սուրբ Հոգին, որ ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրմէն, որովհետեւ Հօրմէն կ՚ելլէ, անիկա ճշմարտութիւնը պիտի պատմէ եւ վկայէ իմ մասիս։ Դուք ալ կը վկայէք իմ մասիս, որովհետեւ սկիզբէն ինծի հետ եղաք։ Ասոնքխօսեցայ ձեզի, որպէսզի ձեր հաւատքը չկորսնցնէք։ Իրենց ժողովարաններէն դուրս պիտի դնեն ձեզ, եւ ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛վ որ ձեզ սպաննէ՝ պիտի կարծէ թէ Աստուծոյ ծառայութիւն կը մատուցանէ։ Մարդիկ այս բաները պիտի ընեն ձեզի, որովհետեւ չճանչցան ո՛չ Հայրը եւ ո՛չ ալ զիս։ Սակայն ասիկա ըսի ձեզի, որպէսզի երբ ատոնց ժամանակը գայ՝ յիշէք թէ արդէն ըսեր էի ձեզի։ Ասոնք սկիզբէն չըսի ձեզի, որովհետեւ ձեզի հետ էի։ Բայց հիմա կ՚երթամ զիս ղրկողին մօտ, եւ ձեզմէ ոչ մէկը կը հարցնէ ինծի, թէ՝ ո՛ւր կ՚երթաս։ Սակայն որովհետեւ այս բոլորը խօսեցայ ձեզի, ձեր սիրտերը տրտմութեամբ լեցուեցան։ Բայց ես ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ ձեզի.– Ձեզի համար լաւ է որ ես երթամ, որովհետեւ եթէ չերթամ՝ Մխիթարիչը պիտի չգայ ձեզի. իսկ եթէ ես երթամ՝ զայն պիտի ղրկեմ ձեզի։ Երբ անիկա գայ, ցոյց պիտի տայ աշխարհի մեղքը, իմ արդարութիւնս եւ չարին դատաստանը։ Աշխարհի մեղքը՝ որովհետեւ ինծի չեն հաւատար, իմ արդարութիւնս՝ որովհետեւ ես Հօրս քով կ՚երթամ եւ այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, եւ չարին դատաստանը՝ որովհետեւ Սատանան, այս աշխարհի իշխանը, արդէն իսկ դատապարտուած է։ Տակաւին շատ բաներ ունիմ ըսելիք ձեզի, սակայն այժմ չէք կրնար տանիլ։ Բայց երբ գայ ինքը՝ Սուրբ Հոգին, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ, անիկա պիտի առաջնորդէ ձեզ ամբողջական ճշմարտութեան, որովհետեւ անիկա ինքնիրմէ պիտի չխօսի, այլ ինչ որ լսէ՝ զայն պիտի խօսի եւ ձեզի պիտի պատմէ գալիք բաները։ Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, որովհետեւ ինչ որ ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։ Ինչ որ Հայրս ունի՝ իմս է. ասոր համար է որ ըսի ձեզի, թէ ինչ որ առնէ ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։ – Ես Հօրս քով կ՚երթամ։ Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս։ Աշակերտներէն ոմանք իրարու հարցուցին. – Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ մեզի իր այս խօսքերով, թէ՝ «Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս. բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս», ինչպէս նաեւ կ՚ըսէ թէ՝ «Ես Հօրս քով կ՚երթամ»։ Այս «Մօտ ատենէն» ը ի՞նչ կը նշանակէ։ Չենք գիտեր թէ ի՛նչ կը խօսի։ Յիսուս գիտցաւ թէ կ՚ուզէին իրեն հարցնել, ուստի ըսաւ անոնց. – Ի՞նչ է. «Մօտ ատենէն այլեւս պիտի չտեսնէք զիս, բայց կարճ ժամանակ մը ետք դարձեալ պիտի տեսնէք զիս» ըսելո՞ւս համար իրարու կը հարցնէք։ Լա՛ւ գիտցէք, թէ դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի։ Կին մը երբ պիտի ծնի՝ ցաւ կը քաշէ, քանի ծննդաբերութեան ժամանակը հասած է, բայց երախային ծնունդէն ետք այլեւս իր նեղութիւնները չի յիշեր այն ուրախութեան պատճառով, որ մարդ մը աշխարհ եկաւ։ Նոյնն է ձեր պարագային. դուք այժմ տրտմած էք, բայց ես կրկին պիտի տեսնեմ ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ պիտի լեցուին. ուրախութեամբմը՝ որ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել ձեզմէ։ Այդ օրը այլեւս ինծի բան պիտի չհարցնէք։ Լաւ գիտցէք, թէ ինչ որ Հօրմէս խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի տայ ձեզի։ Մինչեւ հիմա իմ անունովս բան չխնդրեցիք։ Խնդրեցէք եւ պիտի ստանաք, որպէսզի ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ – Այս բաները պատկերաւոր բացատրութիւններով ըսի ձեզի։ Բայց ժամանակ պիտի գայ, երբ այլեւս պատկերաւոր ձեւով պիտի չխօսիմ, այլ բացայայտօրէն պիտի խօսիմ ձեզի՝ Հօրս մասին։ Այդ օր իմ անունովս դո՛ւք պիտի խնդրէք իրմէ. ես պէտք պիտի չունենամ ձեզի համար Հօրս աղաչելու, որովհետեւ Հայրս ինք ձեզ կը սիրէ, քանի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ Աստուծմէ ելայ։ Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ եւ այժմ կը ձգեմ աշխարհը եւ Հօրը կ՚երթամ։ Աշակերտները ըսին իրեն. – Ահա հիմա բացայայտ կը խօսիս, առանց պատկերաւոր բացատրութիւններ գործածելու։ Այժմ գիտենք որ ամէն ինչ գիտես եւ պէտք չունիս ոեւէ մէկուն հարցումին՝ պատասխան տալու համար։ Ասոր համար է որ կը հաւատանք՝ թէ Աստուծմէ ելար։ Յիսուս անոնց պատասխանեց. – Կը հաւատա՞ք հիմա։ Ահա ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ պիտի ցրուիք, իւրաքանչիւրը իր տունը, եւ զիս մինակ պիտի ձգէք։ Բայց ես մինակ չեմ, որովհետեւ Հայրս ինծի հետ է։ Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին։ Յիսուս այս խօսքերը վերջացնելէ ետք աչքերը երկինք բարձրացուց եւ ըսաւ. – Հա՜յր, ժամանակը հասած է, փառաւորէ՛ Որդիդ, որպէսզի Որդիդ ալ քեզ փառաւորէ։ Դուն անոր իշխանութիւն տուիր ամբողջ մարդկութեան վրայ, որպէսզի յաւիտենական կեանք տայ բոլոր անոնց՝ որ իրեն տուիր։ Եւ յաւիտենական կեանքը քեզ ճանչնա՛լն է՝ որպէս ճշմարիտ միակ Աստուած եւ ճանչնալ Յիսուս Քրիստոսը՝ որ դուն ղրկեցիր։ Երկրի վրայ ես քեզ փառաւորեցի՝ ամբողջացնելով այն գործը որ ինծի տուիր որ կատարեմ։ Եւ այժմ, ո՜վ Հայր, փառաւորէ՛ զիս այն փառքով որ ունէի քուհետդ՝ աշխարհի գոյութենէն առաջ։ Քեզ յայտնեցի բոլոր անոնց, որ ինծի տուիր այս աշխարհէն։ Անոնք քուկդ էին եւ ինծի տուիր զանոնք։ Անոնք խօսքերդ գործադրեցին եւ հիմա գիտցան թէ ինչ որ ինծի տուիր՝ քեզմէ կու գայ, որովհետեւ այն խօսքերը որ ինծի տուիր՝ ես իրենց տուի, եւ ընդունեցին ու ճշմարտապէս ճանչցան՝ որ ես քեզմէ ելայ, եւ հաւատացին թէ դուն ղրկեցիր զիս։ Արդ, կ՚աղօթեմ իրենց համար։ Չեմ աղօթեր աշխարհին համար, այլ անոնց համար որ դուն ինծի տուիր, որովհետեւ անոնք քեզի կը պատկանին։ Ինչ որ իմս է՝ այդ բոլորը քուկդ է, եւ ինչ որ քուկդ է՝ ատիկա իմս է, եւ անոնք զիս փառաւորեցին։ Ահա արդէն քեզի կու գամ եւ այլեւս աշխարհի մէջ չեմ, բայց անոնք աշխարհի մէջ են։ Սո՛ւրբ Հայր, անվտանգ պահէ զանոնք քու անունիդ զօրութեամբ, որովհետեւ քու անունովդ զանոնք ինծի տուիր, որպէսզի մէկ ըլլան, ինչպէս ես եւ դուն մէկ ենք։ Աշխարհի մէջ երբ անոնց հետ էի, ես կը պահէի զանոնք քու անունիդ զօրութեամբ, որովհետեւ քու անունովդ զանոնք ինծի տուիր։ Ես պահպանեցի զանոնք եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը կորսուեցաւ, բացի անկէ՝ որ կորսուելու ճամբուն մէջ է, որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքին մէջ ըսուածը։ Բայց հիմա քեզի կու գամ, եւ այս խօսքերս աշխարհի վրայ կ՚ըսեմ, որպէսզի իրենց սիրտերը լեցուին իմ կատարեալ ուրախութեամբս։ Ես քու պատգամդ անոնց փոխանցեցի, եւ աշխարհը ատեց զանոնք, որովհետեւ անոնք այս աշխարհինչեն պատկանիր, ինչպէս ես աշխարհին չեմ պատկանիր։ Չեմ խնդրեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, այլ՝ զանոնք Չարէն պահես։ Ինչպէս որ ես այս աշխարհին չեմ պատկանիր, այնպէս ալ իրենք այս աշխարհին չեն պատկանիր։ Սրբագործէ՛ զանոնք քու ճշմարտութեամբդ, որովհետեւ քու խօսքդ ճշմարտութիւն է։ Ինչպէս որ դուն զիս աշխարհ ղրկեցիր, ես ալ զանոնք աշխարհ ղրկեցի։ Իրենց համար ես ինքզինքս քեզի կը նուիրաբերեմ, որպէսզի իրենք ալ ճշմարտապէս սրբագործուին։ Չեմ աղօթեր միայն իրենց համար, այլ նաեւ անոնց համար՝ որոնք անոնց քարոզութեամբ ինծի պիտի հաւատան։ Կ՚աղօթեմ որ անոնք բոլորն ալ մէկ ըլլան, ինչպէս որ դուն, ո՛վ Հայր, իմ մէջս ես եւ ես քու մէջդ, այնպէս ալ անոնք մեր մէջ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ, որ դուն ղրկեցիր զիս։ Այն փառքը որ ինծի տուիր՝ իրենց տուի, որպէսզի մէկ ըլլան, ինչպէս որ ես եւ դուն մէկ ենք։ Ես անոնց մէջ ըլլամ եւ դուն՝ իմ մէջս, այնպէս որ անոնք կատարեալ կերպով մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը գիտնայ թէ դուն ղրկեցիր զիս եւ թէ սիրեցի զանոնք, ինչպէս որ դուն զիս սիրեցիր։ Հա՛յր, անոնք որոնք ինծի տուիր՝ կ՚ուզեմ որ ինծի հետ ըլլան՝ ո՛ւր որ ըլլամ, որպէսզի տեսնեն իմ փառքս, այն փառքը՝ որ ինծի տուիր, որովհետեւ զիս սիրեցիր աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ։ Արդա՛ր Հայր, թէեւ աշխարհը քեզ չճանչցաւ, բայց ես քեզ ճանչցայ. եւ ասոնք ալ գիտցան թէ դուն ղրկեցիր զիս։ Քեզ ճանչցուցի անոնց եւ պիտի շարունակեմ ճանչցնել, որպէսզի անոնց մէջ ըլլայ այն սէրը որով զիս սիրեցիր եւ ես ըլլամ անոնց մէջ։ Յիսուս այս աղօթքը ընելէ ետք՝ իր աշակերտներուն հետ գնաց Կեդրոն կոչուած ձորին միւս կողմը։ Հոն պարտէզ մը կար, ուր Յիսուս մտաւ իր աշակերտներուն հետ։ Յուդան՝ մատնիչը, գիտէր պարտէզին տեղը, որովհետեւ շատ անգամ Յիսուս եւ իր աշակերտները հոն կը հաւաքուէին։ Ուստի, Յուդա իր հետ առնելով զինուորներու գունդ մը եւ աւագ քահանաներուն ու Փարիսեցիներուն կողմէ ղրկուած սպասաւորները, եկաւ պարտէզ։ Անոնք զինուած էին եւ ունէին ջահեր եւ լապտերներ։ Յիսուս տեսնելով բոլոր մարդիկը, որոնք իր վրայ կու գային, առաջ անցնելով ըսաւ. – Ո՞վ կը փնտռէք։ – Նազովրեցի Յիսուսը,– պատասխանեցին անոնք։ Յիսուս ըսաւ. – Ես եմ։ Յուդան՝ մատնիչը, անոնց հետ հոն կեցած էր։ Երբ Յիսուս «Ես եմ» ըսաւ, անոնք ետ–ետ քաշուեցան եւ գետին ինկան։ Յիսուս դարձեալ հարցուց անոնց. – Ո՞վ կը փնտռէք։ – Նազովրեցի Յիսուսը,– պատասխանեցին անոնք։ Յիսուս ըսաւ. – Ձեզի ըսի թէ ե՛ս եմ. արդ, եթէ զիս կը փնտռէք՝ ձգեցէք որ ասոնք երթան։ Այս ձեւով կ՚իրականանար՝ ինչ որ Յիսուս նախապէս ըսած էր. «Պիտի չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ մէկը անոնցմէ որ ինծի տուիր»։ Այն ատեն Սիմոն Պետրոս, որ սուր մը ունէր, քաշեց սուրը եւ զարկաւ Քահանայապետին ծառային՝ կտրելով անոր աջ ականջը։ Ծառային անունը Մաղքոս էր։ Յիսուս ըսաւ Պետրոսի. – Սուրդ իր պատեանը դիր. տառապանքի բաժակը, որ Հայրս տուաւ ինծի, պիտի չխմե՞մ կը կարծես։ Ապա զինուորները, հազարապետը եւ Հրեայ ղեկավարներուն սպասաւորները բռնեցին Յիսուսը եւ կապեցին ու նախ տարին Հաննայի մօտ, որ այդ տարուան Քահանայապետին՝ Կայիափայի աներն էր։ Ասիկա այն Կայիափան էր, որ Հրեայ ղեկավարներուն խորհուրդ տուած էր՝ ըսելով, թէ աւելի լաւ է որ մէկ հոգի մեռնի ժողովուրդին համար։ Սիմոն Պետրոս եւ ուրիշ աշակերտ մը կ՚երթային Յիսուսի ետեւէն։ Այս աշակերտը ծանօթ ըլլալով Քահանայապետին՝ Յիսուսի հետ Քահանայապետին տան գաւիթը մտաւ, մինչ Պետրոս դուրսը՝ դրան քով կեցաւ։ Միւս աշակերտը, որ ծանօթ էր Քահանայապետին, դուրս ելաւ եւ խօսելէ ետք դռնապանին հետ, որ կին մըն էր, ներս առաւ Պետրոսը։ Դռնապան աղախինը հարցուց Պետրոսի. – Արդեօք դուն ալ այդ մարդուն աշակերտներէն չե՞ս։ – Ո՛չ,– պատասխանեց Պետրոս։ Օդը ցուրտ ըլլալուն, ծառաները եւ սպասաւորները կրակ վառած էին հոն ու կը տաքնային։ Պետրոս ալ անոնց քով կեցած էր ու կը տաքնար։ Քահանայապետը հարցումներ ըրաւ Յիսուսի՝ անոր աշակերտներուն եւ ուսուցումներուն մասին։ Յիսուս պատասխանեց. – Ես հրապարակաւ խօսեցայ բոլորին, ամէն ատեն սորվեցուցի ժողովարաններու եւ տաճարին մէջ, ուր բոլոր Հրեաները կը հաւաքուէին. ես գաղտնի բան բնաւ չեմ խօսած։ Ինչո՞ւ կը հարցնես ինծի, հարցուր անոնց՝ որոնք լսեցին թէ ի՛նչ ըսի իրենց. ահա անոնք գիտեն թէ ինչ խօսած եմ։ Յիսուս հազիւ այս խօսքերը ըսած՝ սպասաւորներէն մէկը, որ հոն կեցած էր, ապտակ մը զարկաւ Յիսուսի, ըսելով. – Այդպէ՞ս կը պատասխանես Քահանայապետին։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Եթէ սխալ բան մը խօսեցայ՝ ցոյց տուր սխալը. իսկ եթէ շիտակ է ըսածս՝ ինչո՞ւ կը զարնես ինծի։ Յետոյ Հաննա՝ Յիսուսը կապուած վիճակով ղրկեց Կայիափա Քահանայապետին։ Մինչ Սիմոն Պետրոս հոն կեցած էր ու կը տաքնար, հարցուցին իրեն. – Արդեօք դուն ալ անոր աշակերտներէն չե՞ս։ Անիկա ուրացաւ եւ պատասխանեց. – Ո՛չ։ Քահանայապետին ծառաներէն մէկը, ազգականը անոր՝ որուն ականջը Պետրոս կտրած էր, ըսաւ. – Ես քեզ չտեսա՞յ հոն՝ պարտէզին մէջ, անոր հետ։ Պետրոս դարձեալ ուրացաւ. եւ իսկոյն աքաղաղը կանչեց։ Կայիափայի տունէն Յիսուսը տարին կառավարիչին պալատը։ Առաւօտ կանուխ էր։ Հրեաները պալատ չմտան, որպէսզի իրենց Օրէնքին համաձայն չպղծուին եւ կարենան զատկական ընթրիքը ուտել։ Ուստի Պիղատոս դուրս ելաւ եւ հարցուց. – Ի՞նչ բանով կ՚ամբաստանէք այս մարդը։ Անոնք պատասխանեցին. – Եթէ այս մարդը չարագործ չըլլար՝ քեզի չէինք յանձներ զայն։ Պիղատոս ըսաւ. – Ուրեմն առէք եւ ձեր Օրէնքին համաձայն դատեցէք զայն։ Անոնք պատասխանեցին. – Մենք իրաւունք չունինք ոեւէ մէկը մահուան դատապարտելու։ Այսպիսով կ՚իրականանար Յիսուսի խօսքը, որով կ՚ակնարկէր՝ թէ ի՛նչպիսի մահով պիտի մեռնէր ինք։ Պիղատոս կրկին պալատ մտաւ, կանչեց Յիսուսը եւ հարցուց. – Դո՞ւն ես Հրեաներուն թագաւորը։ Յիսուս պատասխանեց. – Այդ հարցումը դուն քեզմէ՞ կ՚ընես, թէ ուրիշներ ըսին քեզի իմ մասիս։ Պիղատոս ըսաւ. – Ինչու ե՞ս ալ Հրեայ եմ։ Քու ժողովուրդդ եւ աւագ քահանաները քեզ յանձնեցին ինծի։ Ի՞նչ ըրած ես դուն։ Յիսուս պատասխանեց. – Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ։ Եթէ իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն ըլլար՝ անշուշտ հետեւորդներս պիտի կռուէին, որպէսզի Հրեաներուն ձեռքը չիյնամ։ Բայց ո՛չ, իմ թագաւորութիւնս այստեղէն չէ։ Պիղատոս ըսաւ. – Այդպէս ուրեմն, թագաւո՞ր ես։ Յիսուս պատասխանեց. – Ահա դո՛ւն ես ըսողը որ թագաւոր եմ։ Ես ծնած եւ աշխարհ եկած եմ մէկ բանի համար, որպէսզի վկայեմ ճշմարտութեան։ Ով որ կողմնակից է ճշմարտութեան՝ անիկա իմ խօսքս կը լսէ։ Պիղատոս հարցուց. – Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը։ Ասիկա ըսելէ ետք՝ Պիղատոս կրկին դուրս ելաւ Հրեաներուն մօտ եւ ըսաւ անոնց. – Այս մարդուն վրայ ոեւէ յանցանք չեմ գտներ։ Բայց ձեր սովորութեան համաձայն, ամէն Զատիկի տօնին բանտարկեալ մը ազատ կ՚արձակեմ ձեզի։ Արդ, կ՚ուզէ՞ք որ Հրեաներու թագաւորը ազատ արձակեմ ձեզի։ Բոլորը միասին աղաղակեցին. – Ո՛չ զինք, այլ՝ Բարաբբա՛ն։ Եւ Բարաբբան աւազակ մըն էր։ Պիղատոս առաւ Յիսուսը եւ զայն մտրակով ծեծել տուաւ։ Զինուորները փուշէ պսակ մը շինեցին եւ դրին անոր գլխուն եւ ապա ծիրանի զգեստ հագցուցին անոր։ Անոնք իրեն կու գային ու կ՚ըսէին. – Ողջո՛յն, Հրեաներու թագաւոր։ Եւ կ՚ապտակէին զինք։ Պիղատոս դարձեալ դուրս ելաւ եւ ըսաւ ամբոխին. – Ահա դուրս կը բերեմ զայն ձեզի, որպէսզի գիտնաք՝ թէ ես ոեւէ յանցանք չեմ գտներ անոր վրայ։ Եւ Յիսուս դուրս ելաւ՝ փուշէ պսակը գլխուն եւ ծիրանի զգեստը՝ վրան։ Պիղատոս ըսաւ անոնց. – Ահա՛ ձեր մարդը ձեզի։ Երբ աւագ քահանաները եւ սպասաւորները տեսան զինք, բարձրաձայն աղաղակեցին. – Խա՛չը հանէ, խա՛չը հանէ զայն։ Պիղատոս ըսաւ. – Այն ատեն՝ դո՛ւք առէք եւ ձեր ձեռքով խաչը հանեցէք, որովհետեւ ես ոեւէ յանցանք չեմ գտներ իր վրայ։ – Մենք Օրէնք ունինք,– վրայ բերին Հրեայ ղեկավարները,– եւ մեր Օրէնքին համաձայն պէտք է մեռնի, որովհետեւ ինքզինք Աստուծոյ Որդի ըրաւ։ Պիղատոս ասիկա որ լսեց, ա՛լ աւելի վախցաւ։ Կրկին պալատ մտաւ եւ հարցուց Յիսուսի. – Ուրկէ՞ ես դուն։ Բայց Յիսուս չպատասխանեց։ Պիղատոս ըսաւ անոր. – Չե՞ս խօսիր ինծի հետ. չե՞ս գիտեր՝ թէ իշխանութիւն ունիմ քեզ խաչը հանելու, ինչպէս նաեւ՝ քեզ ազատ արձակելու։ Յիսուս պատասխանեց. – Իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն պիտի ունենայիր՝եթէ քեզի վերէն՝ Աստուծմէ տրուած չըլլար։ Հետեւաբար մեծ մեղքը անորն է՝ որ զիս քեզի յանձնեց։ Այս խօսքին վրայ՝ Պիղատոս կերպ մը կը փնտռէր, որ ազատ արձակէ Յիսուսը, բայց Հրեայ ղեկավարները կ՚աղաղակէին. – Եթէ ազատ արձակես՝ կայսրին բարեկամ չես։ Ով որ ինքզինք թագաւոր կը կոչէ՝ հակառակ է կայսրին։ Երբ Պիղատոս այս խօսքերը լսեց, դուրս հանեց Յիսուսը եւ ատեան նստաւ, այն տեղը՝ որ Քարայատակ կը կոչուէր, Եբրայերէն՝ Կապպաթա։ Զատիկի նախորդ օրն էր, կէսօրուան մօտ։ Պիղատոս ըսաւ ամբոխին. – Ահա՛ ձեր թագաւորը ձեզի։ Բայց անոնք աղաղակեցին. – Սպաննէ՛ զայն, սպաննէ՜ զայն. խա՛չը հանէ զինք։ Պիղատոս հարցուց. – Ձեր թագաւորը խա՞չը հանեմ։ Աւագ քահանաները պատասխանեցին. – Մենք կայսրէն զատ ուրիշ թագաւոր չունի՛նք։ Այն ատեն Պիղատոս Յիսուսը անոնց ձեռքը յանձնեց, որպէսզի խաչուի։ Անոնք առին Յիսուսը եւ տարին։ Յիսուս խաչը շալկած ելաւ այն տեղը, որ Գանկի վայր կը կոչուէր, Եբրայերէն՝ Գողգոթա։ Հոն խաչեցին զինք եւ իրեն հետ՝ երկու հոգի եւս՝ երկու կողմերէն, իսկ Յիսուս անոնց մէջտեղ։ Պիղատոս խաչին վրայ դնել տուաւ ցուցատախտակ մը, ուր գրուած էր. «Յիսուս Նազովրեցի՝ Հրեաներու թագաւորը»։ Հրեաներէն շատեր այս գրութիւնը կարդացին, որովհետեւ հոն՝ ուր Յիսուսը խաչուեցաւ, քաղաքին մօտ էր։ Արձանագրութիւնը գրուած էր Եբրայերէն, Լատիներէն եւ Յունարէն լեզուներով։ Հրեաներու աւագ քահանաները ըսին Պիղատոսի. – Մի՛ գրեր «Հրեաներու թագաւորը», այլ գրէ՝ «Այս մարդը ըսաւ.– Ես Հրեաներու թագաւորն եմ»։ Պիղատոս պատասխանեց. – Ինչ որ գրեցի՝ գրեցի։ Զինուորները Յիսուսը խաչելէ ետք՝ առին անոր հագուստները եւ չորս մասի բաժնեցին, իւրաքանչիւրին մէկ մաս։ Իսկ քանի որ պատմուճանը առանց կարի վերէն վար միակտուր հիւսուած էր, իրարու ըսին. – Չպատռենք ասիկա. այլ եկէք վիճակ ձգենք եւ տեսնենք, թէ որո՞ւ պիտի ելլէ։ Ասիկա պատահեցաւ՝ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը.– «Հագուստներս իրենց միջեւ բաժնեցին եւ պատմուճանիս վրայ վիճակ ձգեցին»։ Արդ, զինուորները գրուածն էր որ կատարած եղան։ Յիսուսի խաչին մօտիկ կեցած էին՝ իր մայրը, մօրա– քոյրը, Կղէոպասի կինը՝ Մարիամը եւ Մարիամ Մագդաղենացին։ Յիսուս երբ տեսաւ իր մայրը եւ իր սիրած աշակերտը, որ մօրը քով կեցած էր, ըսաւ մօրը. – Մա՛յր, ահաւասիկ զաւակդ։ Յետոյ ըսաւ իր աշակերտին. – Ահաւասիկ մայրդ։ Եւ այդ օրուընէ աշակերտը զայն իր մօտ առաւ։ Անկէ ետք Յիսուս գիտցաւ թէ ամէն ինչ վերջացած է, եւ որպէսզի Սուրբ գիրքը ամբողջապէս կատարուած ըլլայ, ըսաւ. – Ծարաւ եմ։ Հոն քացախով լեցուն աման մը կար։ Զինուորները սպունգը լեղիով խառն քացախին մէջ թաթխելով՝ անցուցին զոպայի ճիւղի մը ծայրը եւ մօտեցուցին անոր բերանին։ Երբ Յիսուս լեղիով խառն քացախը խմեց, ըսաւ. – Ամէն ինչ վերջացած է։ Ապա գլուխը խոնարհեցուց եւ հոգին աւանդեց։ Զատիկի նախորդ օրն էր։ Հրեայ ղեկավարները չուզեցին որ մարմինները խաչերուն վրայ մնան Շաբաթ օրով, քանի այդ Շաբաթը տօնական մեծ օր մըն էր։ Ուստի Պիղատոսէն խնդրեցին՝ որ խաչեալներուն սրունքները կոտրեն եւ մարմինները մէջտեղէն վերցնեն։ Զինուորները եկան եւ առաջինին սրունքները կոտրեցին, նոյնպէս ալ միւսին՝ որ Յիսուսի հետ խաչուած էր։ Բայց երբ Յիսուսի եկան, տեսան որ անիկա արդէն իսկ մեռած էր, ուստի չկոտրեցին անոր սրունքները։ Սակայն զինուորներէն մէկը նիզակը անոր կողը խրեց, եւ անմիջապէս արիւն ու ջուր հոսեցաւ։ Ան որ տեսաւ ասիկա՝ ի՛նք վկայեց այս մասին եւ անոր տուած վկայութիւնը վաւերական է։ Անիկա գիտէ որ ըսածը ճշմարտութիւնն է, որպէսզի դուք ալ հաւատաք։ Ասիկա պատահեցաւ՝ որպէսզի իրականանայ Սուրբ գիրքերուն մէջ ըսուածը. «Անոր ոեւէ մէկ ոսկորը պիտի չփշրուի», ինչպէս նաեւ միւս գրուածը, որ կ՚ըսէ. «Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին»։ Անկէ ետք, Յովսէփ՝ որ Արիմաթեա քաղաքէն էր, Պիղատոսէն խնդրեց որ Յիսուսի մարմինը իրեն յանձնեն։ Յովսէփ Յիսուսի հետեւորդներէն էր, բայց ծածուկ կերպով, Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով։ Պիղատոս արտօնեց, ուստի Յովսէփ եկաւ եւ վերցուց Յիսուսի մարմինը։ Յովսէփի միացաւ նաեւ Նիկոդեմոս, ան՝ որ նախապէս գիշերով Յիսուսի մօտ գացած էր։ Անիկա իրեն հետ բերաւ շուրջ երեսուն քիլօ հալուէով խառն զմուռս: Անոնք առին Յիսուսի մարմինը եւ կտաւներով փաթթեցին՝ զմուռսին ու հալուէին հետ միասին, ինչպէս Հրեաներուն սովորութիւնն էր պատանքել։ Յիսուսի խաչուած տեղը պարտէզ մը կար եւ պարտէզին մէջ՝ ժայռափոր նոր գերեզման մը, ուր երբեք մէկը չէր թաղուած։ Հրեաներու Զատիկին նախօրեակը ըլլալուն համար՝ հոն դրին Յիսուսի մարմինը, քանի գերեզմանը մօտ էր։ Կիրակիառաւօտ կանուխ, մթնշաղին, Մարիամ Մագդաղենացին գերեզման գնաց եւ տեսաւ որ գերեզմանի մուտքին դրուած քարը վերցուած է։ Ուստի վազելով գնաց Սիմոն Պետրոսի եւ միւս աշակերտին մօտ, զոր Յիսուս կը սիրէր, ու ըսաւ անոնց. – Տէրը վերցուցեր են գերեզմանէն եւ չենք գիտեր թէ ո՛ւր դրեր են զայն։ Ասոր վրայ՝ Պետրոս եւ միւս աշակերտը ելան եւ ճամբայ ինկան դէպի գերեզման։ Երկուքը միասին կը վազէին. բայց միւս աշակերտը աւելի արագ վազելով՝ Պետրոսէն առաջ հասաւ գերեզման եւ ծռելով տեսաւ, որ հոն միայն կտաւները կային, սակայն ներս չմտաւ։ Հասաւ Սիմոն Պետրոսն ալ, որ ետեւէն կու գար, գերեզմանէն ներս մտաւ եւ տեսաւ որ կտաւները հոն էին, իսկ վարշամակը, որ անոր գլուխն էր, միւս կտաւներուն հետ չէր, այլ ծալլուած եւ առանձին մէկ կողմ դրուած էր։ Այն ատեն միւս աշակերտն ալ, որ աւելի առաջ հասած էր գերեզման, ներս մտաւ, տեսաւ եւ հաւատաց։ Քանի տակաւին չէին հասկցած Սուրբ գիրքերուն խօսքը, որուն համաձայն՝ պէտք էր որ ան մեռելներէն յարութիւն առնէր։ Ապա, աշակերտները վերադառնալով՝ հաւաքուեցան իրարու մօտ։ Իսկ Մարիամ դուրսը, գերեզմանին մօտ կեցած՝ կու լար։ Մինչ կու լար, ծռեցաւ եւ գերեզմանէն ներս նայեցաւ ու տեսաւ ճերմակ զգեստներ հագած երկու հրեշտակներ, որոնք նստած էին հոն՝ ուր նախապէս Յիսուսի մարմինը դրուած էր, մէկը գլխուն կողմը, միւսը՝ ոտքերուն։ Անոնք ըսին իրեն. – Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս։ Անիկա պատասխանեց. – Որովհետեւ Տէրս վերցուցեր են գերեզմանէն եւ չեմ գիտեր թէ ո՛ւր դրեր են զայն։ Ասիկա ըսելէ ետք՝ ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ Յիսուսը որ կեցած էր, բայց չէր գիտեր թէ Յիսուսն է։ – Ո՛վ կին, ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ կը փնտռես,– հարցուց Յիսուս։ Մարիամ կարծեց թէ պարտիզպանն է, ուստի ըսաւ. – Տէ՛ր, եթէ դուն վերցուցեր ես զայն, ըսէ՛ ինծի՝ ո՞ւր դրեր ես, որպէսզի երթամ առնեմ զայն։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Մարիա՛մ։ Անիկա դարձաւ եւ Եբրայերէնով ըսաւ. – Րաբբունի՜,– որ կը նշանակէ՝ Վարդապետ ։ – Մի՛ դպչիր ինծի,– ըսաւ Յիսուս անոր,– որովհետեւ տակաւին Հօրս մօտ չեմ ելած։ Բայց դուն գնա՛ իմ եղբայրներուս եւ ըսէ՛ անոնց, թէ ես կ՚ելլեմ իմ Հօրս եւ ձեր Հօրը մօտ, իմ Աստուծոյս եւ ձեր Աստուծոյն մօտ։ Մարիամ Մագդաղենացին գնաց եւ աշակերտներուն պատմեց, թէ ինք տեսաւ Տէրը եւ յայտնեց այն՝ ինչ որ անիկա ըսած էր իրեն։ Այդ Կիրակի օրը երեկոյեան, երբ աշակերտները միասին հաւաքուած էին եւ դռներն ալ գոցած՝ Հրեայ ղեկավարներէն վախնալով, Յիսուս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղ եւ ըսաւ անոնց. – Ողջո՛յն ձեզի։ Եւ բարեւելէ ետք՝ անոնց ցոյց տուաւ իր ձեռքերն ու կողը։ Աշակերտները ուրախացան, տեսնելով իրենց Տէրը։ Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց. – Ողջո՛յն ձեզի։ Ինչպէս որ Հայրս զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ։ Ապա փչեց անոնց վրայ եւ ըսաւ. – Առէ՛ք Սուրբ Հոգին. եթէ մէկուն ներէք իր մեղքերը՝ թող ներուած ըլլան եւ եթէ չներէք մէկուն մեղքերը՝ թող ներուած չըլլան։ Տասներկու աշակերտներէն մէկը՝ Թովմասը, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, Յիսուսի եկած ատեն անոնց հետ չէր։ Միւս աշակերտները ըսին անոր. – Մենք տեսա՛նք Տէրը ։ Թովմաս ըսաւ անոնց. – Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը եւ ձեռքս չդպցնեմ անոր կողին՝ չեմ հաւատար։ Ութը օր ետք, աշակերտները դարձեալ ներսը հաւաքուեր էին եւ Թովմաս իրենց հետ էր։ Հակառակ որ դռները գոց էին, Յիսուս եկաւ եւ կանգնեցաւ անոնց մէջտեղ ու ըսաւ. – Ողջո՛յն ձեզի։ Յետոյ ըսաւ Թովմասին. – Մատդ բեր՝ հո՛ս դիր եւ տե՛ս ձեռքերս. բե՛ր ձեռքդ եւ դպցուր կողիս եւ անհաւատ մի՛ ըլլար, այլ՝ հաւատացեալ։ Թովմաս բացագանչեց. – Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞. երանի՜ անոնց՝ որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան։ Յիսուս իր աշակերտներուն ներկայութեան ուրիշ բազմաթիւ հրաշքներ ալ կատարեց, որոնք այս գիրքին մէջ գրուած չեն։ Իսկ այսքանը գրուեցաւ, որպէսզի հաւատաք թէ Յիսուսն է Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, եւ իրեն հանդէպ ձեր ունեցած հաւատքին միջոցաւ յաւիտենական կեանք ունենաք։ Անկէ ետք Յիսուս դարձեալերեւցաւ իր աշակերտներուն, Տիբերիայի լիճին եզերքը։ Ահա՛ թէ ինչպէս երեւցաւ.– Սիմոն Պետրոս, Թովմաս՝ Երկուորեակ կոչուածը, Նաթանայէլ, որ Գալիլեայի Կանա քաղաքէն էր, Զեբեդէոսի որդիները եւ Յիսուսի աշակերտներէն երկու ուրիշներ միասին էին։ Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոնց. – Ձուկ որսալու կ՚երթամ։ – Մենք ալ քեզի հետ կու գանք,– ըսին միւսները։ Ուստի գացին եւ նաւակ մտան, բայց այդ գիշեր բան մըն ալ չբռնեցին։ Առաւօտ կանուխ՝ Յիսուս կանգնած էր ջուրին եզերքը. սակայն աշակերտները չգիտցան թէ Յիսուսն է։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Տղա՛ք, ուտելիք բան մը ունի՞ք։ – Ո՛չ,– պատասխանեցին անոնք։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Ուռկանը նաւակին աջ կողմը ձգեցէք եւ պիտի գտնէք։ Անոնք ուռկանը ձգեցին, եւ երբ ուզեցին ետ քաշել՝ ձուկերու շատութենէն չէին կրնար։ Այն աշակերտը, զոր Յիսուս կը սիրէր, ըսաւ Պետրոսի. – Տէ՜րն է։ Սիմոն Պետրոս երբ լսեց թէ Տէրն է, հագուստը վրան առաւ, քանի մերկ էր, եւ ջուրը նետուեցաւ։ Միւս աշակերտները նաւակով եզերք եկան՝ իրենց հետ քաշելով ձուկերով լեցուն ուռկանը։ Անոնք ցամաքէն շատ հեռու չէին, մօտաւորապէս հարիւր մեթր։ Երբ ցամաք ելան, վառած կրակ տեսան եւ վրան դրուած ձուկ, եւ հաց։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Բերէ՛ք այդ ձուկերէն, որ հիմա բռնեցիք։ Սիմոն Պետրոս նաւակ ելաւ եւ ուռկանը ցամաք քաշեց՝ հարիւր յիսուն երեք մեծ ձուկերով լեցուն։ Հակառակ այդչափ ձուկին, ուռկանը չպատռեցաւ։ Յիսուս ըսաւ անոնց. – Եկէք կերէ՛ք։ Աշակերտներէն ոչ ոք կը համարձակէր հարցնել իրեն՝ թէ ո՛վ ես դուն, քանի գիտէին որ Տէրն է։ Յիսուս մօտեցաւ, առաւ հացը եւ տուաւ անոնց. նոյնպէս ալ ձուկը։ Ասիկա երրորդ անգամն էր, որ Յիսուս աշակերտներուն երեւցաւ՝ մեռելներէն յարութիւն առնելէ ետք։ Ուտելէ ետք, Յիսուս ըսաւ Սիմոն Պետրոսի. – Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի։ – Այո՛, Տէ՛ր,– պատասխանեց ան,– դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։ – Արածէ՛ իմ գառնուկներս,– ըսաւ Յիսուս անոր։ Եւ դարձեալ հարցուց. – Սիմո՛ն, Յովնանի՛ Որդի, կը սիրե՞ս զիս։ – Այո՛ Տէ՜ր,– պատասխանեց ան,– դուն գիտես որ կը սիրեմ քեզ։ – Արածէ՛ իմ ոչխարներս,– ըսաւ Յիսուս անոր։ Եւ երրորդ անգամ հարցուց. – Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի, կը սիրե՞ս զիս։ Պետրոս տրտմեցաւ որ երեք անգամ հարցուց իրեն՝ «կը սիրե՞ս զիս», եւ ըսաւ անոր. – Տէ՛ր, դուն ամէն ինչ գիտես, եւ գիտես թէ կը սիրեմ քեզ։ Յիսուս ըսաւ անոր. – Արածէ՛ իմ ոչխարներս։ Եւ աւելցուց. – Լաւ գիտցիր, որ երբ երիտասարդ էիր՝ քու ձեռքովդ կը կապէիր գօտիդ եւ կ՚երթայիր ո՛ւր որ կ՚ուզէիր։ Բայց երբ ծերանաս, ձեռքդ վեր պիտի բարձրացնես եւ ուրիշներ պիտի կապեն գօտիդ ու տանին հոն՝ ուր դուն չես ուզեր երթալ։ Յիսուս ասիկա ըսաւ՝ ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչպիսի մահով Պետրոս պիտի փառաւորէ զԱստուած։ Յետոյ Յիսուս ըսաւ անոր. – Հետեւէ՛ ինծի։ Պետրոս ետեւ դարձաւ եւ տեսաւ որ իրեն կը հետեւէր այն աշակերտը, զոր Յիսուս կը սիրէր, ան՝ որ ընթրիքի ատեն Յիսուսի կողմը դառնալով հարցուցած էր՝ « Տէ՛ր, ո՞վ է քեզ մատնողը»։ Պետրոս զայն տեսնելով՝ հարցուց Յիսուսի. – Տէ՛ր, իսկ ասիկա՞ ինչ պիտի ըլլայ։ Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ ես կ՚ուզեմ որ ասիկա ապրի՝ մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է. դուն հետեւէ՛ ինծի։ Այս խօսքէն Յիսուսի հետեւորդներուն մէջ այն կարծիքը տարածուեցաւ՝ թէ այդ աշակերտը պիտի չմեռնի։ Բայց Յիսուս չըսա՛ւ թէ «Պիտի չմեռնի», այլ՝ «Եթէ ես կ՚ուզեմ որ ասիկա ապրի մինչեւ ես գամ, քու ի՞նչ հոգդ է»։ Ասիկա նոյն այն աշակերտն է, որ կը վկայէ այս բաներուն մասին եւ որ գրի առաւ ասոնք. եւ գիտենք թէ անոր վկայութիւնը վաւերական է։ Բայց տակաւին Յիսուս շատ բաներ ալ կատարեց, որոնք եթէ մէկ առ մէկ գրուէին՝ կը կարծեմ թէ ամբողջ աշխարհն ալ բաւական պիտի չըլլար պարփակելու գրուած այդ գիրքերը։ Առաջին գիրքիս մէջ, ո՛վ Թէոփիլոս, գրեցի այնբոլորին մասին, որ Յիսուս կատարեց եւ սորվեցուց սկիզբէն մինչեւ այն օրը, երբ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ իր պատուէրները տալէ ետք իր ընտրած առաքեալներուն, երկինք համբարձաւ։ Իր չարչարանքներուն յաջորդող քառասուն օրերուն ընթացքին ան քանիցս երեւցաւ անոնց, բազմաթիւ կերպերով ցոյց տալով՝ թէ ինք այլեւս ողջ է, եւ խօսեցաւ Աստուծոյ արքայութեան մասին։ Եւ առիթով մը, երբ անոնց հետ միասին հաց կ՚ուտէր, անոնց պատուիրեց. – Երուսաղէմէն մի՛ հեռանաք, սպասեցէք՝ մինչեւ ստանաք Հօրը խոստումը, որուն մասին խօսեցայ ձեզի։ Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք մօտ ատենէն։ Ուրիշ անգամ մը, երբ դարձեալ հաւաքուած էին, առաքեալները հարցուցին անոր. – Տէ՛ր, արդեօք հիմա՞ է ժամանակը երբ պիտի վերականգնես Իսրայէլի թագաւորութիւնը։ Յիսուս պատասխանեց. –Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը իր իշխանութեամբ որոշած է։ Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը։ Այս խօսքերէն ետք, մինչ անոր կը նայէին, Յիսուս երկինք համբարձաւ, եւ ամպ մը ծածկեց զինք անոնց տեսողութենէն։ Եւ երբ տակաւին առաքեալները իրենց աչքերը երկինք յառած՝ Յիսուսի մեկնիլը կը դիտէին, ահա երկու սպիտակազգեստ մարդիկ երեւցան անոնց եւ ըսին. –Ո՛վ Գալիլեացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք։ Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք։ Ապա առաքեալները Ձիթենեաց լեռնէն վերադարձան Երուսաղէմ, որ լեռնէն հազիւ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութիւն ունի։ Եկան քաղաք եւ գացին այն վերնատունը ուր կը մնային։ Ասոնք էին՝ Պետրոս եւ Յակոբոս, Յովհաննէս եւ Անդրէաս, Փիլիպպոս եւ Թովմաս, Բարթողոմէոս եւ Մատթէոս, Ալփէոսի որդին՝ Յակոբոս եւ Շմաւոն Նախանձայոյզ, եւ Յակոբոսի որդին՝ Յուդա։ Բոլորը միասնաբար յարատեւ աղօթքով կ՚անցընէին օրերը, շատ մը կիներու, Յիսուսի մօր՝ Մարիամի եւ Յիսուսի եղբայրներուն հետ միասին։ Համբարձումէն քանի մը օրեր ետք, երբ շուրջ հարիւր քսանհաւատացեալներ մէկտեղուած էին, Պետրոս ոտքի ելլելով ըսաւ. – Եղբայրնե՛ր, պէտք էր կատարուէր Սուրբ գիրքին մէջ գրուածը, այն՝ ինչ որ նախօրօք Սուրբ Հոգին ըսած էր Դաւիթի բերնով՝ Յուդայի մասին, որ Յիսուսը ձերբակալողներուն առաջնորդը եղաւ։ Յուդա մեր խումբէն էր, մեզի պէս առաքելական ծառայութեան համար ընտրուած։ Բայց իր անիրաւ մատնութենէն ետք, որուն վարձքով ագարակ մը գնեց, երեսն ի վայր ինկաւ այնտեղ եւ փորը ճեղքուելով՝ փորոտիքը դուրս թափեցաւ։ Բոլոր Երուսաղէմացիները այս մասին իմացան, եւ այս պատճառով ալ այդ ագարակը իրենց բարբառով Ակեղդամա, այսինքն՝ Արեան Ագարակ կը կոչեն։ Արդ, Սաղմոսներու գիրքին մէջ գրուած է. «Թող անոր տունը աւերակ մնայ, եւ հոն մարդ չբնակի». իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Իր պաշտօնը ուրիշ մէկը թող առնէ»։ Այստեղ կան մարդիկ, որոնք միշտ մեր հետը եղած են Տէր Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ամբողջ տեւողութեան, Յովհաննէսի ձեռքով անոր մկրտութենէն մինչեւ երկինք համբարձման օրը։ Ասոնցմէ մէկը պէտք է որ տասնըմէկիս միանայ՝ Քրիստոսի յարութեան վկայ ըլլալու համար։ Այն ատեն հաւատացեալները երկու հոգի ներկայացուցին. Բարսաբա կոչուած Յովսէփը, որ Արդար մականուանուեցաւ, եւ Մատաթիան։ Ապա հետեւեալ աղօթքը ըրին. –Դուն, Տէ՛ր, որ կը ճանչնաս բոլոր մարդոց սիրտերը, ցոյց տուր մեզի՝ թէ այս երկուքէն ո՛ր մէկը կ՚ընտրես առաքելական այս պաշտօնին համար, որմէ Յուդա ինկաւ՝ իրեն սահմանուած տեղը երթալու համար։ Ապա երկու անուններուն վրայ վիճակ ձգեցին։ Վիճակը Մատաթիային ելաւ, եւ անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն կարգին դասուեցաւ։ Երբ Պենտէկոստէի օրըհասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին։ Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին։ Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ։ Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան տարբեր լեզուներովխօսիլ, ինչպէս որ Հոգին խօսիլ կու տար։ Այն օրը Երուսաղէմ քաղաքը լեցուն էր բարեպաշտ Հրեաներով, որոնք աշխարհի բոլոր երկիրներէն եկած էին։ Երբ այս ձայնը լսուեցաւ, մեծ բազմութիւն մը եկաւ խռնուեցաւ եւ բոլորը անակնկալի եկան, որովհետեւ կը լսէին թէ ի՛նչպէս անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց սեփական լեզուով կը խօսի։ Ամէնքն ալ սքանչացումով եւ զարմանքով կ՚ըսէին իրարու. – Այս խօսողները բոլորն ալ Գալիլեացիներ չե՞ն միթէ. ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ մեր ծննդավայր երկիրներու լեզուներով կը խօսին, ինչպէս ահաւասիկ կը լսենք։ Չէ՞ որ ահա մեր մէջ կան՝ Պարթեւներ, Մարեր, Ելամացիներ, Միջագետացիներ, Հրէաստանցիներ, Կապադովկիացիներ, Պոնտացիներ, Ասիացիներ, Փռիգիացիներ եւ Պամփիլիացիներ, Եգիպտացիներ, Կիրենիայի շրջանէն Լիպիացիներ, Հռոմէն եկած Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած նորահաւատներ, Կրետացիներ եւ Արաբիացիներ։ Եւ ահա բոլորս ալ մեր խօսած լեզուներով իրենցմէ կը լսենք Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին։ Ապշահար, եւ շփոթի մատնուած՝ կը հարցնէին իրարու. –Ի՞նչպէս կարելի է բացատրել ասիկա։ Իսկ ոմանք ծաղրանքով կ՚ըսէին. –Նոր գինիով գինովցած են։ Այն ատեն Պետրոս տասնըմէկ առաքեալներուն հետ ոտքի ելաւ եւ բարձրաձայն սկսաւ անոնց խօսիլ. –Ո՜վ Հրէաստանցիներ եւ դուք բոլորդ որ հիմա Երուսաղէմ կը գտնուիք. իրականութիւնը գիտնալու համար՝ լսեցէք ինչ որ պիտի ըսեմ։ Դուք կը կարծէք թէ ասոնք գինով են. բայց այդպէս չէ, որովհետեւ առտուան ժամը ինն է դեռ։ Մինչդեռ ասիկա կատարումն է Յովէլի մարգարէութեան, որ կ՚ըսէ.– «Այնուհետեւ երբ վերջին օրերը գան,– կ՚ըսէ Աստուած,– իմ Հոգիս պիտի թափեմ բոլոր մարդոց վրայ. ձեր տղաքն ու աղջիկները իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի, ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի ունենան եւ ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն։ Այն օրերուն իմ Հոգիս պիտի թափեմ նաեւ իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ, եւ անոնք եւս իմ պատգամներս պիտի փոխանցեն ձեզի։ Երկինքի բարձունքին վրայ հրաշքներ պիտի ցոյց տամ, եւ նշաններ՝ վարը երկրի վրայ. աշխարհ արիւնով, կրակով եւ թանձր ծուխով պիտի լեցուի արեւը պիտի խաւարի, եւ լուսինը արիւնի գոյն պիտի առնէ, նախքան Տիրոջ մեծ եւ փառահեղ օրուան գալը։ Այն ատեն ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ Ո՜վ Իսրայէլացիներ, մտի՛կ ըրէք ինչ որ կ՚ըսեմ։ Աստուած ինք ձեզի ցոյց տուաւ, թէ իր ընտրեալը Նազովրեցի Յիսուսն էր, որուն ձեռքով Աստուած ձեր մէջ կատարեց իր սքանչելի գործերը, հրաշքները եւ նշանները, ինչպէս դուք ալ գիտէք։ Անիկա Աստուծոյ սահմանած ծրագրին եւ կանխագիտութեան համաձայն ձեր ձեռքը յանձնուեցաւ, եւ դուք անօրէններու ձեռքով զայն խաչի վրայ գամելով՝ սպաննեցիք։ Սակայն Աստուած զայն յարուցանեց, մահուան կապանքները փշրելով, որով ցոյց տուաւ՝ թէ մահը չէր կրնար իշխել անոր վրայ։ Արդ, Դաւիթ նոյնինքն Յիսուսի մասին է, որ կ՚ըսէ.– «Սկիզբէն իսկ միշտ կը տեսնէի Տէրը՝ դիմացս կանգնած, անիկա իմ կողքիս է, որպէսզի չսասանիմ։ Ահա թէ ինչու՝ սիրտս ուրախ է, լեզուս ցնծութեամբ կ՚արտայայտուի, եւ մարմինս կեանքի յոյսով պիտի հանգչի, որովհետեւ գիտեմ թէ իմ անձս մեռելներու աշխարհին մէջ պիտիչձգես, եւ պիտի չթողուս որ քու սուրբիդ մարմինը փտութիւն տեսնէ։ Կեանքի ճամբան ցոյց տուիր ինծի եւ զիս քու քաղցր ներկայութեանդ ուրախութեամբը պիտի լեցնես»։ Եղբայրնե՛ր, Դաւիթ նահապետին համար վստահօրէն կրնանք ըսել՝ թէ մեռաւ եւ թաղուեցաւ, եւ իր գերեզմանը մինչեւ այսօր ալ հոս է տակաւին։ Բայց մարգարէ ըլլալով՝ գիտէր, թէ Աստուած երդումով իրեն խոստացաւ՝ որ իր շառաւիղէն պիտի ծնի Քրիստոսը եւ Աստուած զայն թագաւոր պիտի ընէ իր աթոռին վրայ։ Ուստի կանխագիտութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսի յարութեան մասին, ըսելով՝ թէ «Անոր անձը մեռելներու աշխարհին մէջ չմնաց, եւ անոր մարմինը փտութիւն չտեսաւ»։ Նոյն այս Յիսուսն էր որ Աստուած յարուցանեց, եւ մենք բոլորս ատոր վկայ ենք։ Աստուած իր աջով զայն իր մօտ բարձրացուց, եւ Յիսուս իր Հօրմէն առնելով Սուրբ Հոգին, որ ան տալ խոստացեր էր, զայն մեր վրայ սփռեց, ինչ որ ահա դուք անձամբ կը տեսնէք ու կը լսէք։ Որովհետեւ Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինքն էր ըսողը.– «Տէրը իմ Տիրոջս ըսաւ.– Աջ կողմս նստէ, մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»։ Հետեւաբար վստահ եղէք բոլորդ, ո՜վ Իսրայէլացիներ, Աստուած Տէր եւ Օծեալ կարգեց այն Յիսուսը, որ դուք խաչեցիք։ Այս խօսքերը լսելով, ներկաները խորապէս ցնցուեցան եւ հարցուցին Պետրոսի եւ միւս առաքեալներուն. –Ի՞նչ պէտք է ընենք, ո՛վ եղբայրներ։ Պետրոս պատասխանեց. –Ձեր ընթացքը փոխեցէք եւ իւրաքանչիւրդ մկրտուեցէք Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով, որպէսզի ձեր մեղքերը ներուին։ Եւ երբ մկրտուիք, խոստացուած պարգեւը՝ Սուրբ Հոգին պիտի ընդունիք։ Որովհետեւ Աստուած իր խոստումը ըրաւ թէ՛ ձեզի ու ձեր զաւակներուն եւ թէ՛ բոլոր անոնց՝ որոնք իրմէ հեռու են. մեր Տէր Աստուածը զանոնք իրեն պիտի կանչէ։ Եւ Պետրոս խօսքը շարունակելով՝ բազմաթիւ վկայութիւններ կը բերէր եւ զանոնք կը յորդորէր, ըսելով. –Դուք ձեզ փրկեցէք ներկայ մոլորած սերունդին վրայ գալիք դատապարտութենէն։ Ոմանք Պետրոսի ըսածներուն համոզուեցան եւ մկրտուեցան։ Այդ օր հաւատացեալներուն թիւը շուրջ երեք հազար հոգիով աւելցաւ։ Յարատեւ կերպով անոնք Քրիստոսի վարդապետութիւնը կը սորվէին առաքեալներէն եւ կը մասնակցէին հաւաքական ճաշերուն, հաց բեկանելու արարողութեան եւ աղօթքներուն։ Երուսաղէմի մէջ ամէն մարդ վախով լեցուած էր, որովհետեւ առաքեալներուն ձեռքով բազմաթիւ հրաշքներ ու նշաններ կը կատարուէին։ Իսկ հաւատացեալները բոլորը միասին էին միշտ, եւ ինչ որ ունէին՝ իրենց միջեւ հասարակաց էր։ Կալուածներն ու ինչքերը կը ծախէին եւ եկամուտը կը բաշխէին բոլորին, նայած թէ ո՛վ ինչ բանի պէտք ունէր։ Կանոնաւոր կերպով ամէն օր միասնաբար տաճար կ՚երթային, իսկ իրենց տուներէն ներս կը կատարէին հացի բեկումը, որմէ ետք ուրախութեամբ ու մաքուր սրտով իրենց կերակուրը կ՚ուտէին եւ զԱստուած կ՚օրհնէին։ Իրենց այս կենցաղով անոնք ամբողջ ժողովուրդին համակրանքը շահած էին։ Իսկ Տէրը օրէ օր եկեղեցիին մէջ փրկուածներուն թիւը կ՚աւելցնէր։ Օր մը, Պետրոս եւ Յովհաննէս տաճարկըմտնէին կէսօրէ ետք ժամը երեքի աղօթքին համար։ Ի ծնէ կաղ մարդ մը, որ ամէն օր շալկած կը բերէին եւ տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դարպասին քով կը դնէին, որպէսզի տաճար մտնողներէն ողորմութիւն խնդրէ, երբ տեսաւ Պետրոսն ու Յովհաննէսը, որոնք տաճար կը մտնէին, աղաչեց որ ողորմութիւն տան։ Պետրոս եւ Յովհաննէս անոր նայեցան։ Պետրոս ըսաւ անոր. –Մեզի՛ նայէ։ Անիկա առաքեալներուն կողմը դարձաւ, անոնցմէ բան մը առնելու ակնկալութեամբ։ Պետրոս ըսաւ. –Արծաթ կամ ոսկի չունիմ, բայց ինչ որ ունիմ՝ կու տամ քեզի։ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ ե՛լ եւ քալէ։ Եւ անոր աջ ձեռքէն բռնելով ոտքի հանեց։ Եւ ահա կաղին սրունքներուն ու ոտքերուն վրայ ոյժ եկաւ. տեղէն վեր ցատկեց, սկսաւ քալել եւ անոնց հետ տաճար մտաւ։ Կը քալէր, կը վազվզէր եւ զԱստուած կ՚օրհնէր։ Ամբողջ ժողովուրդը տեսաւ անոր քալելը եւ զԱստուած օրհնելը։ Գիտէին, թէ անիկա նոյն այն մուրացիկն էր, որ տաճարին Գեղեցիկ կոչուած դարպասին քով կը նստէր, ուստի զարմանքով եւ ապշութեամբ բռնուեցան կատարուած հրաշքին համար։ Մինչ բժշկուած կաղը Պետրոսի եւ Յովհաննէսի կը հետեւէր, ներկայ ամբողջ ժողովուրդը զարմացած՝ վազեց անոնց քով, այն սիւնագաւիթը, որ Սողոմոնի անունով կը կոչուէր։ Ասիկա տեսնելով, Պետրոս ըսաւ ժողովուրդին. –Ո՜վ Իսրպյէլպցիներ, ինչո՞ւ եղածին վրայ զարմացեր էք, կամ ինչո՞ւ այդպէս ապշած կը նայիք մեզի։ Կը կարծէք թէ մենք մեր սեփական զօրութեամբ կամ բարեպաշտութեա՞մբ քալել տուինք այս մարդուն։ Ո՛չ։ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի Աստուածն էր, մեր հայրերուն Աստուածը, որ այս հրաշքը կատարելով՝ իր Որդին Յիսուսը փառաւորեց. այն Յիսուսը, որ դուք Պիղատոսի ձեռքը յանձնեցիք, եւ նոյնիսկ երբ Պիղատոս կը խորհէր զայն անպարտ արձակել՝ մերժեցիք։ Սուրբը եւ Արդարը մերժեցիք եւ խնդրեցիք որ ձեզի շնորհէ մէկը, որ մարդասպան էր։ Սպաննեցիք ձեզ դէպի կեանք առաջնորդողը։ Բայց Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց, եւ մենք ատոր վկայ ենք։ Յիսուս ինք բժշկեց այս մարդը, որ կը տեսնէք եւ կը ճանչնաք, որովհետեւ իր անունին հաւատաց։ Եւ հաւատքն էր որ Յիսուսի ձեռքով առողջութիւն տուաւ այս մարդուն, ձեր բոլորին աչքին առջեւ։ Արդ, եղբայրնե՛ր, գիտեմ որ թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր իշխանները չանդրադարձաք ձեր ըրածին, բայց Աստուած այդպիսով կատարեց այն՝ ինչ որ կանուխէն յայտնած էր բոլոր մարգարէներուն բերնով՝ իր Օծեալին չարչարուելուն մասին։ Հետեւաբար ապաշխարեցէք եւ Աստուծոյ դարձէք, որպէսզի ձեր մեղքերը ջնջէ, առիթ տայ որ վերանորոգուիք, եւ ձեզի ղրկէ Յիսուսը, կանուխէն ձեզի համար սահմանուած Քրիստոսը, որ երկինքի մէջ պիտի մնայ, մինչեւ գայ ժամանակը՝ երբ ամէն ինչ պիտի վերանորոգուի, այնպէս՝ ինչպէս Աստուած սկիզբէն ի վեր յայտնեց իր սուրբ մարգարէներուն բերնով։ Արդարեւ, Մովսէս մեր հայրերուն ըսաւ. «Աստուած, ձեր Տէրը, ձեր ազգակիցներուն մէջէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի ղրկէ ձեզի։ Մտի՛կ ըրէք իր բոլոր ըսածներուն, որովհետեւ ով որ այն մարգարէին չհնազանդի՝ Աստուծոյ ժողովուրդէն դուրս պիտի ձգուի եւ մեռցուի»։ Նոյնպէս, Սամուէլէն սկսեալ բոլոր մարգարէները խօսեցան եւ պատմեցին այս օրերուն պատահելիքներուն մասին։ Արդարեւ, դուք մարգարէներուն որդիներն էք եւ ժառանգորդները այն ուխտին, որ Աստուած մեր հայրերուն հետ կնքեց, երբ Աբրահամի ըսաւ. «Քու սերունդիդ ընդմէջէն պիտի օրհնեմ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները»։ Աստուած իր Որդին յարուցանելէ ետք նախ ղրկեց ձեզի, որպէսզի անով օրհնէ ձեզ, երբ ձեզմէ իւրաքանչիւրը դառնայ իր գործած չարիքներէն։ Մինչ անոնքժողովուրդին կըխօսէին, քահանաներ, տաճարին զօրապետը եւ Սադուկեցիներ վրայ հասան։ Անոնք զայրացած էին որ առաքեալները ժողովուրդին կը քարոզէին, յայտարարելով՝ թէ Յիսուսի օրինակով մեռելները յարութիւն պիտի առնեն։ Ուստի ձերբակալեցին զանոնք եւ բանտ դրին՝ յաջորդ օրը դատելու համար, որովհետեւ արդէն իրիկուն էր։ Բայց առաքեալներու քարոզութիւնը լսողներէն շատեր հաւատացին, որով հաւատացեալներու թիւը շուրջ հինգ հազարի հասաւ։ Յաջորդ օրը, Հրեաներու իշխանները, երէցներն ու Օրէնքի ուսուցիչները Երուսաղէմ հաւաքուեցան։ Եկան նաեւ Հաննա եւ Կայիափա քահանայապետները, Յովհաննէսն ու Աղեքսանդրոսը եւ քահանայապետական ընտանիքի միւս անդամները։ Ապա առաքեալները Ատեանին դիմաց կանգնեցուցին եւ սկսան հարցնել. –Ի՞նչ զօրութեամբ կամ որո՞ւ անունով ըրիք այս բժշկութիւնը։ Այն ատեն Պետրոս Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ եւ պատասխանեց. –Դուք որ այս ժողովուրդին իշխաններն էք եւ Իսրայէլի երէցները, ըսէք՝ թէ ինչո՛ւ կը դատէք մեզ այսօր. որովհետեւ հիւանդ մարդու մը բարիք ըրինք եւ զինք բժշկեցի՞նք։ Ահա կը յայտարարենք ձեր բոլորին եւ Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդին, թէ այս մարդը, որ ահաւասիկ ձեր բոլորին դիմաց կանգնած է, առողջացաւ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով, որ դուք խաչեցիք. բայց Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց։ Անիկա՛ է Սաղմոսին մէջ ակնարկուած այն քարը, որ դուք՝ շինողներդ արհամարհելով անտեսեցիք, բայց որ անկիւնաքար եղաւ։ Միայն անո՛վ կրնաք փրկուիլ։ Աշխարհի մէջ միակն է անիկա, որ Աստուած մարդոց տուաւ, որպէսզի անոր անունով կարենանք փրկուիլ։ Ատեանի անդամները Պետրոսի եւ Յովհաննէսի համարձակութիւնը տեսնելով, եւ հասկնալով՝ թէ պարզ եւ անուս մարդիկ են, կը զարմանային։ Եւ համոզուեցան թէ Յիսուսի ընկերակիցներէն էին։ Միաժամանակ կը տեսնէին բժշկուած մարդը, որ անոնց կողքին կանգնած էր, եւ չէին կրնար բան մը ըսել։ Ուստի հրամայեցին որ առաքեալներն ու բժշկուած մարդը Ատեանէն դուրս ելլեն, իսկ իրենք իրարու միջեւ խորհրդակցեցան, ըսելով. –Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. բացայայտ հրաշք մըն է որ կատարուեցաւ անոնց ձեռքով, եւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները գիտեն այդ մասին. ատիկա չենք կրնար ուրանալ։ Բայց որպէսզի ասիկա չտարածուի ժողովուրդին մէջ, սպառնանք իրենց՝ որ այլեւս ոեւէ մէկուն չխօսին Յիսուսի մասին։ Ապա ներս կանչեցին զանոնք եւ ազդարարեցին, որ բնաւ Յիսուսի մասին չխօսին ու չքարոզեն։ Իսկ Պետրոս եւ Յովհաննէս պատասխանեցին. –Դո՛ւք դատեցէք, թէ Աստուծոյ աչքին ո՛րն է ուղիղը. ձեզի՞ հնազանդիլ, թէ՝ Աստուծոյ։ Որովհետեւ մենք չենք կրնար մեր տեսածին ու լսածին մասին չխօսիլ։ Ժողովականները սպառնալիք ըրին եւ արձակեցին զանոնք, թէ՛ անոր համար որ պատժելու պատրուակ չգտան եւ թէ՛ ժողովուրդէն զգուշանալով, քանի ամէն մարդ զԱստուած կը փառաւորէր կատարուածին համար. որովհետեւ այն մարդը, որուն վրայ բժշկութեան հրաշքը կատարուեցաւ, քառասուն տարեկանէն վեր էր։ Արձակուելէ ետք, Պետրոս եւ Յովհաննէս եկան միացան հաւատացեալներու խումբին եւ պատմեցին այն՝ ինչ որ քահանայապետներն ու երէցները իրենց ըսին։ Իսկ անոնք բոլորը միասին աղօթեցին Աստուծոյ, ըսելով. –Տէ՛ր Աստուած, դուն որ երկինքը, երկիրն ու ծովը եւ ասոնց մէջ բնակող բոլոր արարածները ստեղծեցիր, դուն ինքդ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եւ մեր հօրը՝ քու ծառադ եղող Դաւիթի բերնով ըսիր. «Ինչո՞ւ հեթանոսները զայրացեր են, ինչո՞ւ ժողովուրդները զուր տեղ նենգութիւն խորհեցան։ Աշխարհի թագաւորներն ու իշխանները պատրաստուեցան եւ միաբանեցան՝ Տիրոջ եւ անոր Օծեալին դէմ պայքարելու համար»։ Արդարեւ, այս քաղաքին մէջ էր որ Հերովդէս եւ Պոնտացի Պիղատոս, հեթանոսներ եւ Իսրայէլի ժողովուրդը միասին՝ միաբանեցան քու Սուրբ Որդիիդ Յիսուսի դէմ, որ դուն օծեցիր, կատարելու համար այն՝ ինչ որ դուն քու զօրութեամբդ եւ կամքովդ սկիզբէն իսկ սահմանած էիր։ Արդ, Տէ՛ր, տե՛ս անոնց ըրած սպառնալիքները, եւ քաջութիւն տուր քու ծառաներուդ, որպէսզի ազատ համարձակ քարոզեն քու խօսքդ։ Զօրութիւն տուր մեզի, որպէսզի բժշկութիւններ, նշաններ ու հրաշքներ կատարուին քու Սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի անունով ։ Երբ անոնք աղօթեցին, հաւաքատեղին շարժեցաւ. բոլորը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ սկսան համարձակ կերպով Աստուծոյ խօսքը քարոզել։ Հաւատացեալներու ամբողջ բազմութիւնը մէկ սիրտ մէկ հոգի էր։ Ոեւէ մէկը իր ինչքերուն համար չէր ըսեր թէ իրն են, այլ՝ ամէն ինչ հասարակաց էր իրենց միջեւ։ Առաքեալները զօրաւոր կերպով կը վկայէին Տէր Յիսուսի յարութեան, իսկ հաւատացեալները բոլորն ալ Աստուծմէ մեծ շնորհք կը վայելէին։ Անոնց մէջ կարօտեալ չկար, որովհետեւ արտ կամ տուն ունեցողները զանոնք կը ծախէին եւ ծախուածներուն դրամը կը յանձնէին առաքեալներուն, որոնք բաշխումը կը կատարէին՝ նայած թէ ով ի՛նչ բանի պէտք ունէր։ Այդպիսիներէն մէկն էր, օրինակ, այն Յովսէփը որ առաքեալներուն կողմէ կոչուեցաւ Բառնաբաս, որ կը նշանակէ՝ մէկը որ կը քաջալերէ։ Ասիկա Կիպրոս ծնած Ղեւտացի մըն էր, որ իր ունեցած արտը ծախեց եւ դրամը բերաւ առաքեալներուն յանձնեց։ Բայց Անանիա անունով մէկը, որուն կինն էր Սափիրա, իր կալուածը ծախեց, եւ իր կնոջ գիտութեամբ դրամին մէկ մասը մէջէն վերցնելով՝ մնացեալ մասը բերաւ յանձնեց առաքեալներուն: Պետրոս հարցուց. –Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանային փորձութեան տեղի տուիր եւ յանդգնեցար Սուրբ Հոգին խաբել՝ արտին դրամին մէջէն մաս մը վերցնելով։ Որքան ատեն որ չէիր ծախած՝ քուկդ չէ՞ր. ծախելէդ ետքն ալ կրնայիր զայն քեզի պահել։ Ի՞նչ պէտք ունէիր այս խաբեբայութիւնը խորհելու. ո՛չ թէ մարդիկը, այլ զԱստուած փորձեցիր խաբել։ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ գետին ինկաւ եւ շունչը փչեց։ Մեծ վախ մը պատեց բոլոր անոնք՝ որոնք ներկայ էին ու լսեցին ասիկա։ Քանի մը երիտասարդներ ելան պատանքի մէջ փաթթեցին զայն եւ տարին թաղեցին։ Մօտ երեք ժամ ետք, Անանիայի կինը, որ պատահածին անտեղեակ էր, ներս մտաւ։ Պետրոս անոր հարցուց. –Ըսէ՛ ինծի, ա՞յս գինով ծախեցիք արտը։ Սափիրա պատասխանեց. –Այո՛, այդ գինով։ Այն ատեն Պետրոս ըսաւ. –Ինչո՞ւ ամուսինդ եւ դուն որոշեր էք Տիրոջ Հոգին փորձել։ Ահա անոնք՝ որոնք ամուսինդ տարին թաղեցին՝ դրան քով կեցեր են. քեզ ալ պիտի տանին։ Վայրկեանին, Սափիրա անոր ոտքերուն առջեւ ինկաւ եւ շունչը փչեց։ Երիտասարդները երբ ներս եկան, զայն մեռած գտնելով՝ տարին եւ իր ամուսինին քովթաղեցին։ Մեծ վախ մը պատեց ամբողջ եկեղեցին եւ բոլոր անոնք՝ որ լսեցին այս դէպքը։ այնպէս որ, Պետրոսի անցած ատեն՝ մարդիկ պատգարակներով ու մահիճներով հիւանդներ կը բերէին եւ հրապարակներու վրայ կը դնէին, որպէսզի գոնէ անոր շուքը իյնայ անոնցմէ մէկուն վրայ։ Շրջակայ գիւղերէն բազմաթիւ մարդիկ Երուսաղէմ կը հաւաքուէին՝ իրենց հետ բերելով հիւանդներ եւ պիղծ ոգիներէ տանջուողներ, որոնք բոլորն ալ կը բժշկուէին։ Քահանայապետը եւ իր մարդիկը, որոնք Սադուկեցիներու կրօնական կուսակցութեան անդամներ էին, առաքեալներուն դէմ նախանձով լեցուեցան։ Ուստի ձերբակալեցին եւ հասարակաց բանտը դնել տուին զանոնք։ Բայց Տիրոջ հրեշտակը գիշեր ատեն բանտին դռները բացաւ եւ զանոնք դուրս հանելով՝ ըսաւ. – Գացէք տաճար եւ այս նոր կեանքի պատգամը տուէք ժողովուրդին։ Հրեշտակին խօսքին հնազանդելով, առաքեալները առաւօտ կանուխ տաճար մտան եւ սկսան ուսուցանել։ Միւս կողմէ, քահանայապետն ու իր մարդիկը իրարու քով գալով՝ ժողովի հրաւիրեցին Ատեանը եւ Իսրայէլի ժողովուրդին բոլոր ծերերը ։ Ապա մարդ ղրկեցին բանտ, որպէսզի առաքեալները Ատեան բերեն։ Երբ սպասաւորները բանտ եկան եւ զանոնք չգտան, վերադարձան եւ ժողովին պատմեցին, ըսելով. –Երբ գացինք, բանտը կղպանքով ամուր մը փակուած գտանք. պահակներն ալ դրան առջեւ կանգնած էին։ Բայց երբ դուռը բացինք, ներսը մարդ չգտանք։ Տաճարին պահակապետն ու աւագ քահանաները այս զեկոյցը իմանալով՝ ապշած մնացին, որովհետեւ չէին գիտեր թէ ինչպէ՛ս բացատրեն առաքեալներուն անհետացումը։ Ճիշդ այդ պահուն վրայ հասաւ մէկը եւ անոնց պատմեց. –Այն մարդիկը որ դուք բանտ դրիք, ահա տաճարին մէջ կեցեր ժողովուրդին կը քարոզեն։ Այն ատեն պահակապետը եւ իր մարդիկը գացին եւ զանոնք բերին առանց բռնութեան, որովհետեւ ժողովուրդին կողմէ քարկոծուելէ կը վախնային։ Զանոնք բերին եւ Ատեան կանգնեցուցին։ Քահանայապետը հարցուց. – Ձեզի խստօրէն չպատուիրեցի՞նք որ այդ մարդուն անունով չքարոզէք. իսկ դուք ահա ամբողջ Երուսաղէմը ձեր վարդապետութեամբ ողողեցիք, եւ կ՚ուզէք մեզ անոր մահուան պատասխանատու բռնել։ Պետրոս եւ միւս առաքեալները պատասխանեցին, ըսելով. –Աստուծոյ պէտք է հնազանդիլ, քան թէ մարդոց։ Մեր հայրերուն Աստուածը յարուցանեց Յիսուսը, որ դուք սպաննեցիք՝ խաչափայտէն կախելով։ Աստուած իր աջով զայն բարձրացուց, որպէսզի մեր Առաջնորդն ու Փրկիչը ըլլայ, եւ Իսրայէլին ապաշխարութեան առիթ եւ մեղքերուն թողութիւն տայ։ Այս իրողութիւններուն վկաներն ենք մենք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգին, որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդողներուն։ Երբ անոնք այս խօսքերը լսեցին՝ կատաղութեամբ լեցուեցան, եւ կ՚ուզէին սպաննել զանոնք։ Այն ատեն Ատեանին մէջ ոտքի ելաւ Գամաղիէլ անունով մէկը, որ Փարիսեցիներէն էր եւ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ յարգուած Օրէնքի ուսուցիչ մը, եւ հրամայեց որ նախ առաքեալները դուրս տանին, եւ ապա ժողովականներուն ըսաւ. –Ո՛վ Իսրայէլացիներ, լաւ մտածեցէք եւ ապա որոշում առէք այս մարդոց մասին։ Կը յիշէք թէ ժամանակ մը առաջ Թեւդաս անունով մէկը ելաւ, որ ինքզինք երեւելի մէկը կը յայտարարէր, եւ շուրջ չորս հարիւր հոգիներ իրեն միացան. բայց ինք սպաննուեցաւ եւ բոլոր իրեն միացածները քայքայուեցան ու ցրուեցան։ Իրմէ ետք Գալիլիացի Յուդա մը ելաւ մարդահամարի օրերուն եւ բազմաթիւ ժողովուրդ ապստամբութեան մղեց իրեն հետ. սակայն ան ալ կորսուեցաւ, եւ բոլոր անոնք որ իրեն յարած էին՝ ցրուեցան։ Գալով ասոնց, կ՚ըսեմ ձեզի.– Այդ մարդոցմէ ձեռք քաշեցէք եւ ձգեցէք զիրենք։ Որովհետեւ, եթէ անոնց խորհուրդն ու գործը մարդոցմէ է՝ պիտի խափանուի. իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար խափանել, եւ թերեւս այդ ձեւով Աստուծոյ դէմ պայքարած կ՚ըլլաք։ Ժողովականները հաւանեցան Գամաղիէլի խօսքերուն, եւ առաքեալները կանչել տալով՝ ծեծել տուին. ապա պատուիրելով անոնց՝ որ ա՛լ Յիսուսի անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք։ Իսկ առաքեալները Ատեանէն հեռացան, ուրախանալով որ Տիրոջ անունին համար անարգանքի արժանացան։ Ամէն օր, թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ իրենց տուներուն մէջ, անդադար կը սորվեցնէին՝ Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով։ Ժամանակ մը ետք, երբ Յիսուսի հետեւորդները շատցան, յունախօս Հրեաները սկսան տրտնջալ եբրայախօս Հրեաներուն դէմ, որովհետեւ ամենօրեայ նպաստի բաշխումին մէջ իրենց այրիները կ՚անտեսուէին։ Այն ատեն, տասներկու առաքեալները կանչեցին բոլոր հաւատացեալները եւ ըսին. –Մենք չենք ուզեր Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը ձգել եւ ուտելիք մատակարարելով զբաղիլ։ Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր կողմէ վկայուած եօթը հոգի ընտրեցէք, որոնք Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ըլլան։ Զանոնք այս անհրաժեշտ գործին համար կարգենք, իսկ մենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին մատակարարման նուիրուինք։ Հաւատացեալները ուղիղ գտան առաջարկը եւ հետեւեալները ընտրեցին.– Ստեփանոսը, որ հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մըն էր, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանորը, Տիմոնը, Պարմենասը եւ Նիկողայոսը, որ հրէութեան դարձած Անտիոքացի մըն էր։ Ապա զանոնք բերին առաքեալներուն առջեւ, որոնք աղօթեցին եւ իրենց ձեռքը դրին անոնց վրայ։ Ահա այսպէս, Աստուծոյ խօսքը կը տարածուէր եւ Երուսաղէմի մէջ հաւատացեալներու թիւը մեծապէս կը շատնար։ Նոյնիսկ քահանաներէն շատ–շատեր հաւատքը կ՚ընդունէին։ Ստեփանոս Աստուծոյ շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն մարդ մըն էր, որ ժողովուրդին մէջ մեծամեծ հրաշքներ եւ նշաններ կը կատարէրցոյց կու տար։ Այդ իսկ պատճառով, Լիպիացիներու, Կիրենացիներու, Աղեքսանդրացիներու, Կիլիկեցիներու եւ Ասիացիներու ժողովարանէն կարգ մը Հրեաներ եկան Ստեփանոսի հետ վիճաբանելու։ Սակայն չէին կրնար դէմ դնել անոր իմաստուն եւ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած խօսքերուն։ Այն ատեն քանի մը հոգի կաշառեցին, որպէսզի անոնք վկայութիւն տան, ըսելով. –Անձամբ լսեցինք, որ այս մարդը Մովսէսի եւ Աստուծոյ դէմ հայհոյալից խօսքեր կ՚ընէր։ Այս ձեւով գրգռեցին ժողովուրդը, երէցները եւ Օրէնքի ուսուցիչները, եւ Ստեփանոսի վրայ յարձակելով՝ զայն բռնեցին Ատեան բերին։ Ապա մէջտեղ բերին սուտ վկաները, որոնք կ՚ըսէին. –Այս մարդը անդադար հայհոյալից խօսքեր կ՚ընէ այս սրբավայրին եւ Աստուծոյ Օրէնքին դէմ։ Անձամբ լսեցինք որ կ՚ըսէր՝ թէ Նազովրեցի Յիսուսը պիտի քանդէ այս տաճարը եւ պիտի փոխէ այն աւանդութիւնները որ Մովսէս մեզի տուաւ։ Ատեանին մէջ նստողները իրենց հայեացքը Ստեփանոսի դարձուցին եւ տեսան անոր դէմքը, որ հրեշտակի դէմքի կը նմանէր։ Քահանայապետը հարցուց Ստեփանոսի. –Իրա՞ւ են ըսուածները։ Եւ անիկա պատասխանեց. –Եղբայրներ եւ հայրեր, մտի՛կ ըրէք ինծի։ Երբ Աբրահամ, մեր հայրը, տակաւին Միջագետք կ՚ապրէր նախքան Խառան բնակիլը, Աստուած, որուն կը պատկանի փառքը, երեւցաւ անոր եւ ըսաւ. «Ե՛լ քու երկրէդ, ձգէ՛ քու ազգականներդ եւ եկուր բնակէ այնտեղ՝ որ ցոյց պիտի տամ քեզի»։ Այն ատեն Աբրահամ Քաղդէացիներու երկրէն ելաւ եւ եկաւ Խառան բնակեցաւ. իսկ Աբրահամի հօր մահուընէն ետք, Աստուած զայն հոնկէ ալ հանեց եւ փոխադրեց այս երկիրը, ուր հիմա դուք կը բնակիք։ Այս երկրին մէջ թիզ մը հող իսկ ժառանգութիւն չտուաւ Աբրահամի. սակայն այս երկիրը որպէս բնակավայր խոստացաւ տալ իրեն եւ իրմէ ետք իր սերունդին, երբ դեռ Աբրահամ զաւակ չունէր։ Աստուած այսպէս ըսաւ. «Քու սերունդդ պանդուխտ պիտի ըլլայ օտար երկրի մը մէջ. պիտի ստրկացնեն եւ պիտի չարչարեն զայն, չորս հարիւր տարի։ Բայց ես ինքս պիտի դատեմ այն ազգը, որուն ստրուկ պիտի ըլլան անոնք,– կ՚ըսէ Աստուած,– որմէ ետք պիտի ելլեն հոնկէ եւ այստեղ պիտի գան զիս պաշտելու համար»։ Աստուած թլփատութեան պատուէրը տուաւ Աբրահամին, որպէս ուխտի նշան։ Այնուհետեւ Աբրահամ Իսահակը ծնաւ եւ ութերորդ օրը զայն թլփատեց։ Իսահակ Յակոբը ծնաւ ու թլփատեց, եւ Յակոբ՝ տասներկու նահապետները։ Յովսէփի եղբայրները իրեն նախանձելով՝ զայն Եգիպտոս գացող կարաւանին ծախեցին։ Սակայն Աստուած անոր հետ էր. զայն փրկեց բոլոր նեղութիւններէն, Եգիպտոսի թագաւորին՝ փարաւոնի աչքին զայն բարձրացուց իր իմաստութեամբ, եւ Եգիպտոսի ու փարաւոնի տան վրայ իշխան կարգեց։ Ապա երաշտ եղաւ ամբողջ Եգիպտոսի եւ Քանաանի մէջ. սաստիկ սով տիրեց եւ մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ։ Յակոբ երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ ուտելիք կարելի է ճարել, հոն ղրկեց իր զաւակները. ասիկա մեր հայրերուն առաջին այցելութիւնն էր Եգիպտոս։ Երկրորդ անգամին, Յովսէփ ինքզինք յայտնեց իր եղբայրներուն, եւ փարաւոնը ճանչցաւ անոր ազգատոհմը։ Յովսէփ մարդ ղրկեց եւ բերել տուաւ իր հայրը՝ Յակոբը եւ ամբողջ գերդաստանը, ընդամէնը եօթանասուն հինգ հոգի։ Յակոբ Եգիպտոս իջաւ եւ հոն ալ վախճանեցաւ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ մեր հայրերը, եւ բոլորին ալ մարմինները Սիւքեմ փոխադրուեցան եւ դրուեցան այն քարայրին մէջ, որ Աբրահամ Սիւքեմի մէջ դրամով գնեց Համորի որդիներէն։ Մեր ժողովուրդը աճեցաւ եւ բազմացաւ Եգիպտոսի մէջ, մինչեւ մօտեցաւ այն ժամանակը, երբ Աստուած Աբրահամին տուած իր խոստումը պիտի կատարէր։ Ապա Եգիպտոսի վրայ իշխեց արքայական ուրիշ տուն մը, որ Յովսէփի տան վայելած իրաւունքները չճանչցաւ։ Նոր փարաւոնը մեր ազգին դէմ չարացաւ եւ մեր հայրերը չարչարեց՝ անոնց մանուկները գետը նետել տալով, որպէսզի մեռնին։ Այդ ժամանակ էր որ ծնաւ Մովսէս, Աստուծոյ աչքին շնորհալի մանուկ մը, որ նախ երեք ամիս իր հօրը տունը մեծցաւ, իսկ երբ գետը նետեցին՝ փարաւոնին աղջիկը զայն գտաւ, որդեգրեց եւ մեծցուց։ Մովսէս եգիպտական ամբողջ իմաստութեամբ կրթուեցաւ եւ ազդեցիկ եղաւ թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործով։ Երբ քառասուն տարիքը բոլորեց, որոշեց իր ազգակից Իսրայէլացիներուն վիճակով հետաքրքրուիլ։ Եւ տեսնելով որ անոնցմէ մին կ՚անիրաւուի, զայրացաւ եւ անիրաւուածին վրէժը առաւ՝ սպաննելով Եգիպտացին։ Կը խորհէր թէ իր ազգակիցները ասիկա իմանալով՝ պիտի հասկնան, թէ իր ձեռքով Աստուած պիտի փրկէ զիրենք. բայց անոնք չհասկցան։ Յաջորդ օրը հանդիպեցաւ երկու ազգակիցներու, որոնք կը կռուէին, եւ փորձեց զանոնք հաշտեցնել, ըսելով. «Ո՛վ մարդիկ, իրարու եղբայրներ էք, ինչո՞ւ զիրար կ՚անիրաւէք»։ Իսկ ան որ իր ընկերը կ՚անիրաւէր՝ մէկ կողմ հրեց զինք, պատասխանելով. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան եւ դատաւոր կարգեց։ Զի՞ս ալ սպաննել կ՚ուզես, ինչպէս երէկ սպաննեցիր Եգիպտացին»։ Այս պատասխանին վրայ Մովսէս փախաւ եւ որպէս պանդուխտ ապրեցաւ Մադիամ կոչուած երկրին մէջ, ուր երկու մանչ զաւակ ունեցաւ։ Քառասուն տարիներ ետք, ահա Տիրոջ հրեշտակը իրեն երեւցաւ անապատին մէջ, Սինա լերան մօտիկը, բոցավառ մորենիի մը մէջէն։ Մովսէս նախ զարմացաւ իր տեսածին վրայ. ապա երբ մօտեցաւ աւելի լաւ տեսնելու համար, Տիրոջ ձայնը ըսաւ. «Ես քու հայրերուդ Աստուածն եմ. Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի Աստուածը»։ Մովսէս զարհուրած՝ չէր համարձակեր նայիլ։ Տէրը անոր հրամայեց. «Կօշիկներդ ոտքերէդ հանէ՛, որովհետեւ այն հողը՝ որուն վրայ կը կանգնիս՝ սուրբ է։ Տեսայ Եգիպտոսի մէջ իմ ժողովուրդիս չարչարանքները, լսեցի անոնց հեծութեան ձայնը եւ ահա իջայ որ փրկեմ զանոնք։ Արդ, եկո՛ւր, քեզ Եգիպտոս պիտի ղրկեմ»։ Այսպէս, այն Մովսէսը որ մերժեցին, ըսելով՝ «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան եւ դատաւոր կարգեց», Աստուած զայն որպէս իշխան եւ փրկիչ ղրկեց այն հրեշտակին միջոցաւ, որ Մովսէսի երեւցաւ մորենիին մէջէն։ Մովսէս Եգիպտոսէն հանեց մեր ժողովուրդը, նշաններ եւ հրաշքներ կատարելով թէ՛ Եգիպտոսի մէջ, թէ՛ Կարմիր Ծովէն անցքին եւ թէ՛ անապատին մէջ քառասուն տարիներու ընթացքին։ Նոյն Մովսէսն էր որ Իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Ձեր մէջէն Աստուած ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ, անոր մտիկ ըրէք»։ Մովսէսն էր որ անապատին մէջ հաւաքուած մեր ժողովուրդին համար միջնորդութիւն կ՚ընէր մեր հայրերուն եւ հրեշտակին միջեւ, որ Սինա լերան վրայ անոր հետ խօսեցաւ։ Ան էր որ Աստուծոյ կենսատու պատգամները տուաւ մեզի։ Սակայն մեր հայրերը չուզեցին Մովսէսի հնազանդիլ, այլ՝ անտեսեցին զինք եւ սկսան Եգիպտոսը փնտռել։ Ահարոնին ըսին. «Մեզի աստուածներ շինէ, որպէսզի մեզ առաջնորդեն. որովհետեւ չենք գիտեր թէ ի՛նչ եղաւ այդ Մովսէսը, որ մեզ Եգիպտոսէն հանեց»։ Նոյն այդ օրերուն հորթի կերպարանքով կուռք մը շինեցին, անոր զոհ մատուցանեցին եւ իրենց ձեռքով շինուած այդ կուռքով կ՚ուրախանային։ Աստուած ալ երես դարձուց իրենցմէ եւ ձգեց որ երկնային մարմինները պաշտեն։ Այդ է պատճառը, որ մարգարէական գիրքը կ՚ըսէ.– «Ո՜վ Իսրայէլացիներ, միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի ձեր զոհերն ու նուէրները ինծի՞ մատուցանեցիք։ Մողոքի վրանը եւ Ռեմֆանի՝ աստղ–աստուծոյն պատկերները շինեցիք եւ անոնց երկրպագութիւն ըրիք։ Այդ իսկ պատճառով ձեզ Բաբելոնէն ալ անդին պիտի աքսորեմ»։ Գալով Վկայութեան Խորանին, մերհայրերը զայն անապատին մէջ շինեցին այնպէս՝ ինչպէս Մովսէսի հետ խօսող հրեշտակը պատուիրեց, եւ այն օրինակով՝ որ Մովսէսի ցոյց տրուեցաւ։ Մեր հայրերը իրենց կարգին զայն ստացան իրենց հայրերէն եւ Յեսուի օրով իրենց հետ բերին այս երկիրը, որ գրաւեցին այն ազգերէն՝ որոնք Աստուծոյ օգնութեամբ դուրս քշուեցան մեր հայրերուն առջեւէն։ Այսպէս, Վկայութեան Խորանը հասաւ մինչեւ Դաւիթի օրերը։ Դաւիթ Աստուծոյ հաճութիւնը շահեցաւ եւ ուզեց յարմար վայր մը գտնել՝ Յակոբի Աստուծոյն տուն մը կանգնելու, Եւ Սողոմոն այս տաճարը շինեց Աստուծոյ համար։ Սակայն բարձրեալն Աստուած ձեռագործ տաճարներու մէջ չէ որ կը բնակի, ինչ որ մարգարէն ալ կ՚ըսէ.– «Երկինքն է իմ աթոռս, իսկ երկիրը՝ ոտքերուս պատուանդանը։ Ի՞նչպիսի տուն պիտի շինէք ինծի համար,– կ՚ըսէ Տէրը,– կամ ո՞ւր պիտի ըլլայ իմ հանգստավայրս. Չէ՞ որ այս բոլորը իմ ստեղծածներս են»։ Ի՜նչքան յամառ էք դուք, որ բնաւ չէք զղջար եւ Աստուծոյ կանչը չէք լսեր, եւ այսպէս միշտ Սուրբ Հոգիին կը հակառակիք, ինչպէս ձեր հայրերը կ՚ընէին անցեալին։ Եղա՞ւ մարգարէ մը որ ձեր հայրերը չհալածեցին։ Անոնք սպաննեցին բոլոր այն մարգարէները, որոնք կանուխէն պատմեցին Արդարին գալուն մասին. այն Արդարին, որ դուք ձեր ձեռքով մահուան դատապարտեցիք եւ սպաննեցիք։ Կը պարծենաք որ հրեշտակներու ձեռքով ստացաք Օրէնքը, եւ սակայն բնաւ չկատարեցիք զայն։ Այս խօսքերը լսելով, ներկաները ներքնապէս զայրացան եւ սկսան իրենց ակռաները կրճտել անոր դէմ։ Մինչ Ստեփանոս, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը երկինք բարձրացուց եւ տեսաւ զԱստուած իր ամբողջ փառքով, ինչպէս նաեւ Յիսուսը՝ Աստուծոյ աջին կանգնած, եւ ըսաւ. –Ահա բացուած է երկինքը, եւ կը տեսնեմ Մարդու Որդին որ Աստուծոյ աջին կանգնած է։ Ատեան գտնուողները մեծ աղաղակ բարձրացուցին, գոցեցին իրենց ականջները եւ բոլորը միասին անոր վրայ յարձակեցան։ Յետոյ զայն քաղաքէն դուրս հանելով՝ սկսան քարկոծել։ Վկաները իրենց թիկնոցները կը յանձնէին երիտասարդի մը, որ Սօղոս կը կոչուէր։ Մինչ անոնք կը քարկոծէին, Ստեփանոս այսպէս կ՚աղօթէր. –Տէ՜ր Յիսուս, ընդունէ՛ իմ հոգիս։ Յետոյ ծունկի եկաւ եւ բարձրաձայն աղաղակեց. –Տէ՜ր, ներէ՛ իրենց այս մեղքը։ Եւ հազիւ ըսած՝ մահուամբ աչքերը փակեց։ Ստեփանոսի քարկոծումը պահանջողներէն մէկն ալ Սօղոսն էր։ Նոյն օրը Երուսպղէմի եկեղեցւոյ դէմ մեծ հալածանք սկսաւ, որուն հետեւանքով՝ բացի առաքեալներէն բոլոր միւսները ցրուեցան Հրէաստանի եւ Սամարիայի գիւղերը։ Իսկ քանի մը բարեպաշտներ Ստեփանոսի մարմինը տարին թաղեցին, մեծ կոծ ընելով անոր վրայ։ Սօղոս կ՚աշխատէր ոչնչացնել եկեղեցին ։ Տունէ տուն կը մտնէր եւ հաւատացեալ այրերն ու կիները դուրս քաշկռտելով՝ բանտ դնել կու տար։ Ասոր վրայ՝ հաւատացեալները ցրուեցան եւ երկրին զանազան կողմերը շրջելով Աւետարանի պատգամը կը քարոզէին։ Այսպէս, Փիլիպպոս Սամարիա քաղաքը գնաց եւ խոստացուած Փրկիչը քարոզեց անոնց։ Մեծ բազմութիւններ ականջ կու տային անոր քարոզութեան, որովհետեւ թէ՛ կը լսէին եւ թէ՛ կը տեսնէին անոր կատարած հրաշքները։ Արդարեւ, պիղծ ոգիներ մեծ աղաղակով դուրս կու գային բազմաթիւ մարդոցմէ, եւ մեծ թիւով անդամալոյծներ ու կաղեր կը բժշկուէին։ Այնպէս որ, ուրախութիւնը մեծ էր այդ քաղաքին մէջ։ Նոյն քաղաքին մէջ կար Սիմոն անունով մէկը, որ երկար ատենէ ի վեր այնտեղ էր եւ կախարդութիւն ընելով կ՚ապշեցնէր Սամարացիները. պզտիկէն մեծ բոլորն ալ անոր վրայ հիացած, կ՚ըսէին. –Այս մարդը ինքը՝ Աստուծոյ զօրութիւնն է, որ Մեծ Զօրութիւն կը կոչուի։ Իսկապէս ալ հիացած էին անով, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր իր կախարդութեամբ կ՚ապշեցնէր զանոնք, ինքզինք իբրեւ կարեւոր մէկը ներկայացնելով։ Բայց երբ հաւատացին Փիլիպպոսի, որ Աստուծոյ արքայութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին կը քարոզէր, այր թէ կին բոլորն ալ մկրտուեցան։ Սիմոն ինքն ալ հաւատաց, եւ մկրտուելէ ետք՝ Փիլիպպոսի քովէն չէր հեռանար. եւ տեսնելով այն նշաններն ու մեծամեծ հրաշքները որ Փիլիպպոս կը կատարէր, կը զարմանար։ Առաքեալները, որոնք Երուսաղէմ կը մնային, երբ լսեցին թէ Սամարացիներ Աստուծոյ խօսքը ընդունեցին, անոնց քով ղրկեցին Պետրոսն ու Յովհաննէսը, որոնք երբ հասան՝ աղօթեցին անոնց վրայ, որպէսզի Սուրբ Հոգին ստանան, որովհետեւ մինչ այդ Սուրբ Հոգին անոնցմէ ոեւէ մէկուն վրայ չէր իջած, այլ միայն Տէր Յիսուսի անունով մկրտուած էին։ Այն ատեն Պետրոս եւ Յովհաննէս իրենց ձեռքերը դրին անոնց գլխուն եւ անոնք Սուրբ Հոգին ստացան։ Երբ Սիմոն տեսաւ թէ առաքեալներու ձեռք դնելովը Սուրբ Հոգին կը տրուի, անոնց դրամ խոստանալով՝ ըսաւ. – Ինծի՛ ալ տուէք այդ կարողութիւնը, որպէսզի որուն վրայ որ ձեռք դնեմ՝ Սուրբ Հոգին ստանայ։ Ասոր վրայ Պետրոս ըսաւ անոր. –Կորսուէ՛, դո՛ւն ալ, դրամդ ալ. կարծեցիր որ Աստուծոյ պարգեւը կրնա՞ս դրամով գնել։ Այս բոլորին մէջ մաս եւ բաժին պիտի չունենաս, քանի որ ուղիղ չես խորհիր Աստուծոյ մասին։ Հետեւաբար դարձի՛ր այդ չար խորհուրդէդ եւ աղաչէ՝ որ Տէրը ներէ քու մտքիդ այս նենգ խորհուրդը։ Որովհետեւ կը տեսնեմ թէ դառն նախանձով լեցուն ես եւ մեղքի կապանքներուն մէջ բռնուած։ Սիմոն ըսաւ. –Ինծի համար աղաչեցէք Տիրոջ, որ ձեր ըսածներէն ոեւէ մէկը չպատահի ինծի։ Իսկ առաքեալները իրենց վկայութիւնը տալէ եւ Տիրոջ խօսքը քարոզելէ ետք՝ վերադարձան Երուսաղէմ, ճամբու վրայ Սամարիայի բազմաթիւ գիւղերու մէջ Աւետարանը քարոզելով։ Տիրոջ հրեշտակը Փիլիպպոսի խօսեցաւ, ըսելով. –Ե՛լ, հարաւ գնա, այն ճամբան՝ որ Երուսաղէմէն Կազա կ՚իջնէ եւ ամայի է։ Փիլիպպոս ելաւ գնաց։ Եւ ահաւասիկ Եթովպիացի ներքինի մը, որ Եթովպիացիներու Կանդակին, այսինքն՝ թագուհիին բարձրաստիճան մէկ պաշտօնեան էր, անոր ընդհանուր գանձապետը, եւ Երուսաղէմ եկած էր Աստուծոյ երկրպագելու, այնտեղէն դարձին՝ իր կառքին մէջ նստած՝ Եսայի մարգարէի գիրքը կը կարդար։ Սուրբ Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսի. –Մօտեցի՛ր եւ այդ կառքին քովէն քալէ։ Երբ Փիլիպպոս վազելով հասաւ կառքին, լսեց որ անիկա Եսայի մարգարէն կը կարդար բարձրաձայն։ Հարցուց. –Կը հասկնա՞ս ինչ որ կը կարդաս։ Իսկ անիկա պատասխանեց. –Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չբացատրէ։ Ապա խնդրեց որ Փիլիպպոս ելլէ իր քով նստի։ Իր կարդացած հատուածը հետեւեալն էր.– «Ոչխարի պէս մորթուելու տարուեցաւ. եւ ինչպէս գառնուկ մը անմռունչ կը կենայ զինք խուզողին դիմաց, այնպէս՝ իր բերանը չբացաւ։ Անիկա նուաստացաւ եւ չունեցաւ մէկը որ զինք պաշտպանէր. ո՞վ պիտի պատմէ իր սերունդին մասին, որովհետեւահաիրկեանքըկըվերցուիայսաշխարհէն»։ Ներքինին հարցուց Փիլիպպոսի. –Կ՚աղաչեմ, ըսէ՛, որո՞ւ համար կ՚ըսէ մարգարէն այս բաները. իրե՞ն թէ ուրիշի մը համար։ Այն ատեն Փիլիպպոս Սուրբ գիրքի այդ հատուածէն սկսելով՝ անոր աւետարանեց Յիսուսը։ Մինչ անոնք կ՚երթային, ճամբուն վրայ հանդիպեցան տեղ մը, ուր ջուր կար։ Ներքինին ըսաւ. –Ահա այստեղ ջուր կայ. ոեւէ արգելք կա՞յ որ մկրտուիմ։ Փիլիպպոս պատասխանեց. –Եթէ ամբողջ սրտովդ կը հաւատաս, կրնաս մկրտուիլ։ –Կը հաւատամ՝ թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է,– պատասխանեց ներքինին, եւ կառապանին հրամայեց որ կառքը կեցնէ։ Փիլիպպոս եւ ներքինին երկուքը միասին ջուր մտան, եւ Փիլիպպոս մկրտեց զայն։ Երբ ջուրէն դուրս ելան, Սուրբ Հոգին իջաւ ներքինիին վրայ, եւ Տիրոջ հրեշտակը յափշտակեց տարաւ Փիլիպպոսը. այնպէս որ ներքինին այլեւս չտեսաւ զայն, եւ իր ճամբան շարունակեց ուրախութեամբ։ Իսկ Փիլիպպոս ինքզինք Ազոտոսի մէջ գտաւ։ Կը շրջէր ու կ՚աւետարանէր բոլոր քաղաքներուն մէջ, մինչեւ եկաւ Կեսարիա։ Մինչ այդ, Սօղոս կը շարունակէր սպառնալիք ու մահ թափել Տիրոջ աշակերտներուն վրայ։ Քահանայապետին քով երթալով, անկէ խնդրեց որ Դամասկոսի ժողովարաններուն ուղղուած նամակներ տայ, որպէսզի հոն եթէ Տիրոջ ճամբուն հետեւողներ գտնէ, այր թէ կին, ձերբակալէ եւ Երուսաղէմ բերէ։ Գացած ատեն, մինչ Դամասկոսի կը մօտենար, յանկարծ երկինքէն լոյս մը փայլատակեց իր շուրջ։ Սօղոս գետին ինկաւ եւ լսեց ձայն մը, որ իրեն կ՚ըսէր. –Սօղո՛ս, Սօղո՛ս, ինչո՞ւ կը հալածես զիս։ – Ո՞վ ես, Տէ՛ր,– հարցուց ինք։ Ձայնը պատասխանեց. –Ես Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես։ Հիմա ոտքի՛ ել եւ քաղաք մտիր. հոն քեզի պիտի ըսուի ինչ որ պիտի ընես։ Սօղոսի ընկերացող մարդիկը անշշունջ կեցեր էին. միայն ձայնը կը լսէին, բայց ոեւէ մէկը չէին տեսներ։ Սօղոս երբ գետնէն բարձրացաւ, փորձեց իր շուրջը նայիլ, բայց ոեւէ բան չէր տեսներ։ Ուստի իր ձեռքէն բռնելով՝ Դամասկոս մտցուցին, ուր երեք օր կոյր վիճակի մէջ սպասեց, եւ այդ օրերուն ո՛չ կերաւ եւ ո՛չ խմեց։ Դամասկոսի մէջ կար Տիրոջ հետեւորդ մը, որ Անանիա կը կոչուէր։ Ասիկա տեսիլք մը ունեցաւ, որուն մէջ Տէրը իրեն ըսաւ. –Անանիա՛։ –Այո՛, Տէ՛ր,– պատասխանեց ան։ Եւ Տէրը ըսաւ իրեն. –Ոտքի՛ ել, գնա՛ Ուղիղ կոչուած փողոցը, Յուդայի տունը, եւ հարցուր Սօղոս անունով Տարսոնցիի մը մասին, որ այս պահուն աղօթքի կանգնած է։ Անիկա տեսիլքի մը մէջ տեսաւ Անանիա անունով մէկը, որ ներս մտնելով՝ ձեռքերը դրաւ իր գլխուն, որպէսզի ինք վերստին տեսնէ։ – Տէ՛ր,– պատասխանեց Անանիա,– շատերէն լսեցի այդ մարդուն մասին եւ Երուսաղէմի մէջ քու հաւատացեալ ժողովուրդիդ դէմ անոր գործած բազմաթիւ չարիքներուն մասին։ Եւ այստեղ եկած է աւագ քահանաներուն կողմէ լիազօրուած, ձերբակալելու համար բոլոր անոնք՝ որոնք քեզ կը պաշտեն։ Տէրը ըսաւ անոր. –Դուն գնա՛, որովհետեւ ես զայն իբրեւ գործիք ընտրեր եմ, որպէսզի իմ անունս ճանչցնէ հեթանոսներուն, թագաւորներու եւ Իսրայէլի զաւակներուն։ Ես ինքս իրեն ցոյց պիտի տամ, թէ ո՛րքան չարչարանք պիտի կրէ իմ անունիս համար։ Անանիա գնաց, մտաւ տունը եւ ձեռքերը դնելով, Սօղոսի գլխուն ըսաւ. –Սօղո՛ս եղբայր, զիս Տէրը ղրկեց. այն Յիսուսը՝ որ եկած ճամբուդ վրայ քեզի երեւցաւ։ Զիս ղրկեց՝ որպէսզի տեսնես եւ Սուրբ Հոգիով լեցուիս։ Անմիջպաէս Սօղոսի պչքերէն կպրծես կեղեւանքներ ինկան, եւ սկսաւ տեսնել։ Ելաւ մկրտուեցաւ, եւ ապա կերակուր ուտելով՝ զօրացաւ։ Սօղոս քանի մը օր մնաց Դամասկոսի հաւատացեալներուն հետ։ Անմիջապէս ժողովարանները երթալով Յիսուսը կը քարոզէր, ըսելով. –Աստուծոյ Որդին է ան։ Լսողները բոլորն ալ զարմացած՝ կ՚ըսէին. –Ասիկա այն մարդը չէ՞ր, որ Երուսաղէմի մէջ կատաղօրէն կը հալածէր անոնք՝ որոնք Յիսուսը կը պաշտէին։ Եւ նոյն նպատակով չէ՞ր որ եկաւ հոս, որպէսզի զանոնք ձերբակալելով աւագ քահանաներուն տանի։ Իսկ Սօղոս հետզհետէ աւելի զօրեղ ապացոյցներով կը շփոթեցնէր ու կը լռեցնէր Դամասկոս բնակող Հրեաները, զանոնք համոզելով՝ որ Յիսուսն է Օծեալ Փրկիչը։ Ժամանակ մը ետք, Դամասկոսի Հրեաները որոշեցին Սօղոսը սպաննել։ Սակայն Սօղոս իմացաւ անոնց նենգութիւնը, թէ՝ գիշեր ու ցերեկ կը հսկէին քաղաքին դռներուն առջեւ, որպէսզի սպաննեն զինք։ Ուստի հաւատացեալները զինք գիշեր մը զամբիւղի մը մէջ դնելով պարիսպէն վար իջեցուցին։ Սօղոս Երուսաղէմ եկաւ եւ կը ջանար հաւատացեալներուն հետ շփման մէջ մտնել. բայց բոլորն ալ կը վախնային իրմէ, չհաւատալով թէ Քրիստոսի աշակերտ դարձած է։ Սակայն Բառնաբաս առաւ Սօղոսը, առաքեալներուն տարաւ եւ անոնց պատմեց՝ թէ ի՛նչպէս Սօղոս ճամբուն վրայ Տէրը տեսած եւ անոր հետ խօսած է, եւ թէ ի՛նչպէս Յիսուսի անունով համարձակօրէն քարոզած է Դամասկոսի մէջ։ Անկէ ետք Սօղոս առաքեալներուն հետ կը մնար ու կը շրջէր Երուսաղէմի մէջ, եւ համարձակօրէն կը քարոզէր Տէր Յիսուսի անունով։ Կը խօսէր ու կը վիճէր յատկապէս յունախօս Հրեաներուն հետ, որոնք զինք սպաննելու ձեւ մը կը խորհէին։ Հաւատացեալ եղբայրները երբ իմացան, Կեսարիա փախցուցին Սօղոսը, եւ հոնկէ ալ Տարսոն ղրկեցին։ Եկեղեցին ամբողջ Հրէաստանի, Գալիլեայի եւ Սամարիայի մէջ խաղաղութիւն կը վայելէր եւ կը զօրանար։ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ հաւատացեալները կը բազմանային եւ Տիրոջ երկիւղովը կ՚ապրէին։ Պետրոս բոլոր կողմերը իր կատարած շրջապտոյտի ընթացքին, իջաւ նաեւ Լիդդա բնակող հաւատացեալներուն մօտ։ Այնտեղ հանդիպեցաւ Ենէաս անունով մէկու մը, որ ութը տարիներէ ի վեր անկողին կը մնար անդամալոյծ վիճակով։ Պետրոս ըսաւ անոր. –Ենէա՛ս, Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կը բժշկէ քեզ. ե՛լ, եւ դուն ի՛նքդ շտկէ անկողինդ։ Եւ Ենէաս անմիջապէս ոտքի ելաւ։ Լիդդայի եւ Սարոնի բոլոր բնակիչները տեսան զայն եւ Տիրոջ հաւատացին։ Յոպպէի մէջ Յիսուսի հետեւորդ կին մը կար Տաբիթա անունով, որուն Հայերէն թարգմանութիւնն է՝ Այծեմնիկ։ Անիկա իր կեանքը կը լեցնէր բարի գործերով եւ աղքատներուն օգնելով։ Այնպէս պատահեցաւ, որ այդ օրերուն Այծեմնիկ հիւանդանայ եւ մեռնի։ Իր մարմինը լուացին եւ տան վերնայարկը դրին։ Լիդդպ Յոաաէի մօտիկ է։ Երբ Յոպպէի հաւատացեալները լսեցին թէ Պետրոս Լիդդա կը գտնուի, երկու հոգի ղրկեցին անոր քով, որպէսզի աղաչեն՝ որ առանց դանդաղելու իրենց քով գայ։ Պետրոս ելաւ անոնց հետ եկաւ, եւ հազիւ հասած՝ զինք վերնատունը հանեցին։ Բոլոր այրիները Պետրոսի շուրջ բոլորուեցան. կու լային եւ ցոյց կու տային այն շապիկներն ու հագուստները, որ Այծեմնիկ իր ողջութեան իրենց համար կարեր էր։ Պետրոս զանոնք բոլորը դուրս հանեց, ծունկի եկաւ, աղօթեց, եւ ապա դէպի մարմինը դառնալով՝ ըսաւ. –Տաբիթա՛, Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կ՚ըսեմ՝ ոտքի՛ ել։ Տաբիթա աչքերը բացաւ եւ Պետրոսը տեսնելով՝ շտկուեցաւ նստաւ։ Պետրոս օգնեց անոր որ ոտքի ելլէ. ապա կանչեց հաւատացեալներն ու այրիները եւ անոնց ցոյց տուաւ ողջնցած Այծեմնիկը։ Ամբողջ Յոպպէն լսեց այս մասին, եւ շատեր հաւատացին Տիրոջ։ Իսկ Պետրոս ժամանակ մը Յոպպէ մնաց, Սիմոն անունով կաշեգործի մը քով։ 1 Կեսպրիպյի մէջ Կոռնելիոս պնունով մպրդ մը կար, որ հարիւրապետ էր՝ հռոմէական բանակի «Իտալական» կոչուած գունդէն։ Ասիկա իր ամբողջ ընտանիքով բարեպաշտ էր եւ աստուածավախ. մեծապէս կ՚օգնէր Հրեայ ժողովուրդի աղքատներուն եւ տեւաբար կ՚աղօթէր Աստուծոյ։ Օր մը, կէսօրէ ետք ժամը երեքի ատենները, Կոռնելիոս տեսիլքի մը մէջ յստակօրէն տեսաւ Աստուծոյ հրեշտակը, որ ներս մտաւ եւ ըսաւ. –Կոռնելիո՛ս։ Կոռնելիոս զարհուրանքով նայեցաւ անոր եւ հարցուց. –Ի՞նչ կայ, Տէ՛ր։ Եւ հրեշտակը ըսաւ. –Աստուած ընդունեց քու աղօթքներդ ու կատարած ողորմութիւններդ։ Ե՛լ, մարդ ղրկէ Յոպպէ եւ կանչել տուր Սիմոն անունով մէկը, որ նաեւ Պետրոս կը կոչուի։ Անիկա հիւրաբար իջած է Սիմոն անունով կաշեգործի մը տունը, որ ծովուն մօտն է։ Երբ իր հետ խօսող հրեշտակը մեկնեցաւ, Կոռնելիոս կանչեց իր ծառաներէն երկու հոգի եւ իրեն սպասաւորող զինուորներէն մէկը, որ բարեպաշտ մարդ մըն էր, եւ ամէն ինչ անոնց պատմելէ ետք՝ Յոպպէ ղրկեց։ Յաջորդ օրը, մինչ անոնք ճամբայ ինկած՝ Յոպպէի կը մօտենային, Պետրոս կէսօր ատեն տանիք ելաւ աղօթելու։ Անօթեցաւ եւ ուտել կ՚ուզէր. եւ մինչ տնեցիները ճաշ կը պատրաստէին, մտքի յափշտակութեան մէջ ինկաւ։ Տեսաւ՝ երկինքը բացուած, ուրկէ բան մը կ՚իջնէր, չորս ծայրերէն կապուած սփռոցի ձեւով, եւ կու գար գետնին վրայ կը հանգչէր։ Անոր մէջ աշխարհի բոլոր չորքոտանիներէն, գազաններէն, սողուններէն եւ թռչուններէն կային։ Պետրոս լսեց ձայն մը, որ իրեն կ՚ըսէր. –Ե՛լ, Պետրո՜ս, մորթէ՛ եւ կեր։ – Քա՛ւ լիցի, Տէ՜ր,– պատասխանեց Պետրոս,– մինչեւ հիմա չէ պատահած որ պիղծ կամ անմաքուր բան մը ուտեմ։ Ձայնը կրկին անգամ ըսաւ իրեն. –Ինչ որ Աստուած իբրեւ մաքուր կ՚ընծայէ՝ դուն պիղծ մի՛ համարեր։ Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ, եւ ապա սփռոցը երկինք վերցուեցաւ։ Մինչ Պետրոս զարմացումով կը մտածէր, թէ արդեօք ի՛նչ կը նշանակէ իր տեսած այս տեսիլքը, ահա Կոռնելիոսի կողմէ ղրկուած մարդիկը Սիմոնի տունը հարցնելով՝ եկան դրան առջեւ կեցան, ձայն տուին եւ հարցուցին. –Սիմոն Պետրոս կոչուած մարդը այստե՞ղ կը մնայ։ Մինչ Պետրոս տակաւին տեսիլքին մասին կը խորհէր, Սուրբ Հոգին ըսաւ իրեն. –Երեք հոգիներ եկած՝ քեզ կը փնտռեն։ Ե՛լ, վա՛ր իջիր եւ անոնց հետ գնա՝ առանց վարանելու, որովհետեւ ես ղրկեցի զանոնք։ Պետրոս վար իջաւ անոնց քով եւ հարցուց. –Ձեր փնտռած անձը ես եմ. ի՞նչ բանի համար եկեր էք։ Անոնք պատասխանեցին. –Մեզ ղրկողը Կոռնելիոս հարիւրապետն է, արդար եւ աստուածավախ մարդ մը, որուն մասին ամբողջ Հրեայ ժողովուրդը կը վկայէ։ Անիկա սուրբ հրեշտակէն հրաման ստացաւ՝ քեզ իր տունը կանչելու եւ քեզմէ լսելու ինչ որ պիտի ըսես։ Պետրոս զանոնք ներս հրաւիրեց եւ գիշերը իր քով պահեց։ Յաջորդ օր, Պետրոս ելաւ անոնց հետ գնաց։ Իրեն ընկերացան նաեւ Յոպպէի հաւատացեալ եղբայրներէն ոմանք։ Միւս օրը Կեսարիա մտան, ուր Կոռնելիոս իր բոլոր ազգականներն ու մտերիմ բարեկամները հաւաքած՝ իրենց գալուն կը սպասէր։ Երբ Պետրոս տուն կը մտնէր, Կոռնելիոս զայն դիմաւորեց եւ անոր առջեւ խոնարհութիւն ընելով երկրպագութիւն ըրաւ։ Պետրոս զայն ոտքի հանեց, ըսելով. –Ոտքի՛ ել. ես ինքս ալ մարդ եմ։ Եւ անոր հետ խօսելով մտաւ ներս, ուր հաւաքուած բազմութիւնը տեսաւ եւ ըսաւ անոնց. –Դուք շատ լաւ գիտէք, թէ Հրեայի մը արտօնուած չէ շփում կամ յարաբերութիւն ունենալ օտարազգիի մը հետ։ Բայց Աստուած ինծի ցոյց տուաւ, որ ոեւէ մէկը պիղծ կամ անմաքուր պէտք չէ համարեմ։ Ուստի, երբ ետեւէս մարդ ղրկեցիք՝ ելայ եկայ առանց առարկելու։ Բայց հիմա կը հարցնեմ.– Ի՞նչ բանի համար կանչեցիք զիս։ Կոռնելիոս պատասխանեց. –Չորս օր առաջ, մօտաւորապէս այս ժամուն, մինչ ժամը երեքի աղօթքը կ՚ընէի տունիս մէջ, ահա փայլուն զգեստներով մարդ մը կեցաւ դիմացս եւ ըսաւ. «Կոռնելիո՛ս, Աստուած լսեց աղօթքներդ եւ տեսաւ կատարած ողորմութիւններդ։ Ե՛լ, մարդ ղրկէ Յոպպէ եւ կանչել տուր Սիմոնը, որ նաեւ Պետրոս կը կոչուի։ Անիկա հիւրաբար Սիմոն անունով կաշեգործի մը տունը կը մնայ, ծովուն մօտիկ։ Թող գայ եւ խօսի քեզի»։ Ես ալ անմիջապէս մարդ ղրկեցի քեզի, եւ շնորհակալ եմ որ եկար։ Հիմա մենք բոլորս Աստուծոյ ներկայութեան կանգնած՝ պատրաստ ենք լսելու ինչ որ Տէրը հրամայած է քեզի։ Պետրոս սկսաւ ըսել. –Հիմա ճշմարտապէս կը հասկնամ, որ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ, այլ բոլոր ազգերէն ալ կ՚ընդունի ոեւէ մէկը որ իրմէ կը վախնայ եւ արդար գործեր կը կատարէ։ Անիկա իր պատգամը ղրկեց Իսրայէլացիներուն, աւետելով այն խաղաղութիւնը՝ որ պիտի գար Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, որ բոլորին Տէրն է։ Դուք արդէն գիտէք այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Գալիլեայէն սկսեալ ամբողջ Հրէաստանի մէջ, Յովհաննէսի կողմէ քարոզուած մկրտութենէն ետք։ Կ՚ակնարկեմ Յիսուսի, որ Նազարէթէն էր. Աստուած զայն Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ օծեց, եւ անիկա շրջեցաւ՝ բարիք գործելով եւ Սատանային կողմէ տանջուածները բժշկելով, որովհետեւ Աստուած իր հետն էր։ Մենք վկայ ենք այն բոլորին, որ անիկա կատարեց Հրէաստան երկրին եւ Երուսաղէմի մէջ։ Զայն խաչափայտէն կախելով սպաննեցին. բայց Աստուած երրորդ օրը յարուցանեց զայն եւ ուզեց որ անիկա երեւի ո՛չ թէ ամբողջ ժողովուրդին, այլ մեզի՝ վկաներուս, որ առաջուց ընտրուած էինք Աստուծմէ, եւ Յիսուսի հետ կերանք ու խմեցինք մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետք։ Եւ Յիսուս մեզի պատուիրեց՝ ժողովուրդին քարոզել եւ վկայութիւն տալ, թէ ինքն է Աստուծմէ սահմանուած Դատաւորը, որ պիտի դատէ ողջերն ու մեռելները։ Բոլոր մարգարէները անոր մասին կը վկայեն, թէ անոր հաւատացողները իրենց մեղքերուն թողութիւն պիտի ստանան անոր անունով ։ Մինչ Պետրոս կը խօսէր, Սուրբ Հոգին իջաւ բոլորին վրայ, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսէին։ Հրէութենէ դարձած հաւատացեալները, որոնք Պետրոսի հետ Յոպպէէն եկած էին, զարմացան որ Սուրբ Հոգիին պարգեւը հեթանոսներուն եւս կը տրուի. որովհետեւ կը լսէին թէ ի՛նչպէս անոնք անծանօթ լեզուներով կը խօսէին եւ զԱստուած կը փառաբանէին։ Այն ատեն Պետրոս ըսաւ. Ո՞վ կրնայ արգիլել որ ջուրով մկրտուին ասոնք, որոնք Սուրբ Հոգին ստացան մեզի պէս։ Եւ հրամայեց անոնց, որ Յիսուս Քրիստոսի անունով մկրտուին։ Իսկ անոնք աղաչեցին իրեն, որ քանի մը օր այնտեղ մնայ։ Հրէաստանմնացող առաքեալներնուհաւատացեալները լսեցին որ հեթանոսներ ալ Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են։ Երբ Պետրոս Երուսաղէմ գնաց, հրէութենէ դարձող հաւատացեալները սկսան զինք մեղադրել, ըսելով. –Ինչո՞ւ անթլփատ մարդոց տունը մտար եւ անոնց հետ հաց կերար։ Պետրոս սկսաւ կարգով պատմել անոնց, ըսելով. – Յոպպէքաղաքըկըգտնուէի։ Երբաղօթքկ՚ընէի, մտքի յափշտակութեան մէջ ինկայ եւ տեսիլք մը ունեցայ։ Տեսայ մեծ սփռոցի նմանող բան մը, չորս ծայրերը երկինքէն կախուած, որ իջաւ եւ ինծի հասաւ։ Մինչ ապշած անոր կը նայէի, անոր մէջ տեսայ չորքոտանիներ, գազաններ, սողուններ եւ թռչուններ։ Լսեցի ձայն մը, որ ինծի կ՚ըսէր. «Պետրո՛ս, ե՛լ, մորթէ՛ եւ կե՛ր»։ Ես ըսի. «Քա՛ւ լիցի, Տէ՜ր. մինչեւ հիմա չէ պատահած որ պիղծկամ անմաքուր բան մը մտնէ բերանս»։ Երկինքէն ձայնը կրկին հնչեց եւ ինծի ըսաւ. «Ինչ որ Աստուած իբրեւ մաքուր կ՚ընծայէ՝ դուն պիղծ մի՛ համարեր»։ Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ. ապա սփռոցն ու կենդանիները միասին երկինք քաշուեցան։ Եւ ահա նոյն պահուն երեք հոգիներ, որոնք Կեսարիայէն քովս ղրկուած էին, եկան կեցան այն տան առջեւ, ուր ես կը գտնուէի։ Սուրբ Հոգին ինծի ըսաւ, որ իրենց հետ երթամ առանց վարանելու։ Այս վեց եղբայրներն ալ հետս եկան, եւ գացինք մտանք Կոռնելիոսի տունը։ Անիկա մեզի պատմեց թէ ի՛նչպէս իր տան մէջ տեսեր էր հրեշտակ մը, որ իր դիմաց կանգնելով՝ ըսեր էր. «Մարդ ղրկէ Յոպպէ եւ կանչել տուր Սիմոնը, որ նաեւ Պետրոս կը կոչուի. անիկա Աստուծոյ կողմէ պատգամ մը պիտի բերէ քեզի, որով դուն եւ ամբողջ տունդ պիտի փրկուիք»։ Հազիւ սկսեր էի խօսիլ՝ Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, ինչպէս որ նախապէս մեր վրայ իջաւ։ Այն ատեն յիշեցի Տիրոջ սա խօսքը, թէ՝ «Յովհաննէս ջուրով մկրտեց, բայց Աստուած ձեզ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտէ»։ Արդ, եթէ Աստուած միեւնոյն պարգեւը, որ մեզի տուած էր, անոնց ալ տուաւ՝ երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին, ես ինչպէ՞ս կրնայի արգելք ըլլալ Աստուծոյ։ Այս բացատրութիւնը լսելով՝ անոնք դադրեցան զինք մեղադրելէ, եւ զԱստուած փառաւորեցին, ըսելով. –Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ առիթ տուաւ, որ ապաշխարեն եւ կեանք ունենան։ Այն հաւատացեալները, որոնք Ստեփանոսի սպանութեան յաջորդած հալածանքին պատճառով զանազան կողմեր ցրուած էին, հասան մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք, եւ Հրեաներէն դուրս ուրիշ ոչ ոքի կը խօսէին Քրիստոսի մասին։ Սակայն անոնցմէ ոմանք, որոնք Կիպրացի եւ Կիրենացի էին, երբ Անտիոք հասան՝ սկսան հեթանոսներուն ալ խօսիլ, Տէր Յիսուսը աւետարանելով։ Եւ Տէրը կ՚օգնէր անոնց։ Բազմաթիւ մարդիկ հաւատացին եւ Տիրոջ դարձան։ Այս մասին լուրը հասաւ Երուսաղէմի եկեղեցիին, եւ Բառնաբասը ղրկեցին Անտիոք։ Սա երբ որ եկաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ շնորհքը՝ ուրախացաւ, եւ կը յորդորէր բոլորը, որ ամբողջանուէր սրտով կապուած մնան Տիրոջ։ Եւ որովհետեւ Սուրբ Հոգիով եւ հաւատքով լեցուն բարի մարդ մըն էր, մեծ բազմութիւն մը հաւատաց Տիրոջ։ Ապա Բառնաբաս Տարսոն գնաց Սօղոսը փնտռելու, եւ երբ գտաւ՝ զայն բերաւ Անտիոք, ուր երկուքով լման տարի մը եղան այնտեղի եկեղեցիին հետ, մեծ թիւով ժողովուրդի ուսուցանելով։ Եւ առաջին անգամ այստեղ՝ Անտիոքի մէջ էր, որ Քրիստոսի հետեւորդները «քրիստոնեայ» կոչուեցան։ Այն օրերուն Երուսաղէմէն քանի մը մարգարէներ Անտիոք եկան։ Անոնցմէ մէկը, որ Ագաբոս կը կոչուէր, Սուրբ Հոգիէն թելադրուած՝ ելաւ յայտնեց թէ աշխարհի մէջ մեծ սով մը պիտի տիրէ. ինչ որ կատարուեցաւ Կլաւդիոս կայսրին օրով։ Անտիոքի հաւատացեալները որոշեցին՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով օգնութիւն ղրկել Հրէաստան բնակող եղբայրներուն. եւ այդ օգնութիւնը արդարեւ կատարեցին, զայն Բառնաբասի եւ Սօղոսի ձեռքով եկեղեցւոյ երէցներուն ղրկելով։ Այն օրերուն Հերովդէսթագաւոր սկսաւ հալածանք հանել եկեղեցւոյ անդամներէն ոմանց դէմ։ Նախ սուրով սպաննել տուաւ Յակոբոսը, Յովհաննէսի եղբայրը։ Ապա տեսնելով որ ատիկա Հրեաներուն հաճելի է, Պետրոսն ալ ձերբակալել տուաւ Բաղարջակերաց տօնի օրերուն։ Զայն բռնելէ ետք բանտ դնել տուաւ, չորս հերթով չորսական զինուորներու յանձնելով անոր պահպանութիւնը։ Կ՚ուզէր Զատիկէն ետք հրապարակաւ դատել զայն։ Մինչ Պետրոս բանտարկուած կը մնար, եկեղեցին անդադար Աստուծոյ կ՚աղօթէր իրեն համար։ Հասաւ ժամանակը, երբ Հերովդէս կ՚ուզէրզայն դատաստանի բերել։ Գիշեր մը առաջ, Պետրոս երկու զինուորներու մէջտեղը կը քնանար, երկու շղթաներով կապուած, իսկ պահակները դրան առջեւ բանտը կը պահպանէին։ Եւ ահա Տիրոջ հրեշտակը եկաւ կեցաւ իր քով։ Բանտին խցիկը լուսաւորուեցաւ։ Պետրոսի կողը խթելով՝ հրեշտակը զայն արթնցուց եւ ըսաւ. –Շուտով ե՛լ։ Շղթաները ինկան Պետրոսի ձեռքերէն։ Հրեշտակը ըսաւ իրեն. –Գօտիդ կապէ եւ հողաթափներդ հագիր։ Պետրոս անոր ըսածը կատարեց։ Եւ անիկա ըսաւ. –Վերարկուդ վրադ ա՛ռ եւ ինծի՛ հետեւէ։ Պետրոս ելաւ եւ անոր հետեւեցաւ. սակայն չէր գիտեր՝ հրեշտակին ըրածը իրակա՞ն է թէ ոչ, որովհետեւ կը կարծէր թէ երազ կը տեսնէ։ Առաջին պահակակէտը անցան, յետոյ անցան երկրորդը եւ եկան երկաթէ դարպասին քով, որ դէպի քաղաք կը տանէր։ Դարպասը ինքնիրեն բացուեցաւ իրենց առջեւ։ Դուրս գալով, անոնք փողոց մտան. եւ իսկոյն հրեշտակը հեռացաւ իրմէ։ Պետրոս ինքզինքին գալով, ըսաւ. –Ա՛լ հիմա վստահ եմ, թէ Տէրը իր հրեշտակը ղրկեց եւ զիս ազատեց Հերովդէսի ձեռքէն եւ այն բոլորէն, որ Հրեայ ժողովուրդը կ՚ակնկալէր։ Սթափելով, դիմեց դէպի Մարիամի տունը։ Այս Մարիամը մայրն էր Յովհաննէսի, որ Մարկոս վերակոչուեցաւ։ Շատեր հաւաքուած էին այնտեղ եւ կ՚աղօթէին։ Երբ դարպասին դռնակը թակեց, Ռոդէ անունով աղախին մը եկաւ հասկնալու թէ ո՛վ է. եւ Պետրոսի ձայնը ճանչնալով՝ դուռը բանալու տեղ՝ ուրախութենէն ներս վազեց, աւետելու՝ թէ Պետրոսն է դրան քով կանգնողը։ Անոնք իրեն ըսին. –Խենթեցե՞ր ես։ Իսկ անիկա աւելի կը պնդէր, թէ ճիշդ է ըսածը։ Այն ատեն ըսին. –Ուրեմն անոր հրեշտակն է։ Մինչ այդ, Պետրոս կը շարունակէր բաղխել։ Երբ բացին, տեսան զինք եւ ապշեցան։ Պետրոս ձեռքով նշան ըրաւ որ լռեն, եւ անոնց պատմեց թէ ի՛նչպէս Տէրը զինք բանտէն հանեց։ Ապա ըսաւ. –Ասիկա Յակոբոսին եւ միւս հաւատացեալ եղբայրներուն պատմեցէք։ Եւ ինք ելաւ ուրիշ տեղ մը գնաց։ Երբ առաւօտ եղաւ, զինուորներուն մէջ մեծ իրարանցում մը ինկաւ, թէ արդեօք Պետրոսը ի՛նչ եղաւ։ Հերովդէս զայն փնտռել տուաւ, եւ երբ չգտան՝ հարցաքննութենէ ետք հրամայեց պահակները սպաննել։ Իսկ Պետրոս Հրէաստանէն Կեսարիա գնաց եւ հոն մնաց։ Հերովդէս թշնամութեամբ լեցուած էր Տիւրոսի եւ Սիդոնի բնակիչներուն դէմ, որոնց պատգամաւորները միասնաբար եկան եւ արքունի սենեկապետ Վլաստոսը համոզելով՝ խաղաղութիւն խնդրեցին, որովհետեւ իրենց երկրին ուտեստեղէնի պարենաւորումը արքունիքէն կախում ունէր։ Որոշուած օրը, Հերովդէս իր թագաւորական զգեստը հագած՝ ատեան նստած էր եւ հրապարակաւ կը խօսէր անոնց հետ։ Ամբոխը կ՚աղաղակէր, ըսելով. –Մարդ մը չէ՛ խօսողը, այլ Աստուած։ Տեղնուտեղը Տիրոջ հրեշտակըհարուածեցզայն, քանի որ փառքը Աստուծոյ չվերագրեց։ Որդնալից եղաւ եւ այդպէս շունչը փչեց։ Իսկ Աստուծոյ խօսքը կը տարածուէր եւ հաւատացեալներուն թիւը կը բազմանար։ Երբ Բառնաբաս ու Սօղոս իրենց յանձնուած պաշտօնը աւարտեցին, Երուսաղէմէն Անտիոք վերադարձան, իրենց հետ ունենալով նաեւ Յովհաննէսը, որ Մարկոս վերակոչուած էր։ Անտիոքի եկեղեցիին մէջ մարգարէներ եւ ուսուցիչներ կային, ինչպէս՝ Բառնաբասը եւ Շմաւոնը, որ Նիկէր կը կոչուէր, Կիրենացի Ղուկիոսը եւ Մանայէնը, որ Հերովդէս չորրորդապետի սննդակիցն էր, եւ Սօղոսը։ Օրմը, երբ ասոնք Տիրոջ պաշտամունք կը մատուցանէին ծոմ վիճակով, Սուրբ Հոգին ըսաւ. –Տրամադրեցէ՛ք Բառնաբասն ու Սօղոսը այն գործին՝ որուն կոչած եմ զիրենք։ Այն ատեն ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով ձեռք դրին անոնց վրայ եւ ղրկեցին։ Հետեւաբար, Բառնաբասն ու Սօղոսը Սուրբ Հոգիէն ղրկուած՝ իջան Սելեւկիա, եւ հոնկէ դէպի Կիպրոս նաւեցին։ Սալամինա հասնելով, Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէին Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ։ Իրենց օգնական ունէին Յովհաննէս Մարկոսը։ Ամբողջ կղզին շրջելով՝ հասան Պաֆոս։ Այնտեղ գտան կախարդութեամբ զբաղող Հրեայ սուտ մարգարէ մը, որուն անունն էր Բար–Յեսու։ Ասիկա յաճախ կ՚ըլլար փոխ–բդեշխին՝ Սերգիոս Պօղոսի հետ, որ իմաստուն մարդ մըն էր։ Սերգիոս կանչել տուաւ Բառնաբասն ու Սօղոսը եւ կ՚ուզէր Աստուծոյ խօսքը լսել։ Բայց կախարդը, որուն Յունարէնով Եղիմաս անունը կու տային, հակառակեցաւ անոնց եւ կ՚ուզէր փոխ–բդեշխը տարհամոզել, որ չհաւատայ։ Այն ատեն Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը ճանչցուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ աչքերը յառեց անոր եւ ըսաւ. –Ո՛վ դուն՝ նենգ եւ խորամանկ, Սատանայի՛ որդի, արդարութեա՛ն թշնամի. Տիրոջ ուղիղ ճամբաները խեղաթիւրելէ պիտի չդադրի՞ս։ Ահա հիմա Տէրը պիտի հարուածէ քեզ. պիտի կուրնաս եւ ժամանակուան մը համար արեւուն երեսը պիտի չտեսնես։ Նոյն վայրկեանին Եղիմասի աչքերը մշուշուեցան ու խաւարեցան։ Կը խարխափէր եւ կը փնտռէր մէկը՝ որ իր ձեռքէն բռնելով առաջնորդէր զինք։ Փոխ–բդեշխը երբ տեսաւ պատահածը՝ հաւատաց, խորապէս տպաւորուած Տիրոջ ուսուցումէն։ Պօղոս եւ ընկերակիցները Պաֆոսէն նաւելով եկան Պամփիւլիայի Պերգէ քաղաքը. իսկ Յովհաննէս Մարկոս իրենցմէ բաժնուելով Երուսաղէմ վերադարձաւ։ Յետոյ Պերգէէն ելլելով՝ հասան Պիսիդիայի Անտիոք քաղաքը, եւ Շաբաթ օր ժողովարան երթալով նստան։ Օրէնքի եւ մարգարէներու ընթերցումէն ետք, ժողովրդապետները հրաւէր ղրկեցին իրենց, ըսելով. –Եղբայրնե՛ր, եթէ մեր ժողովուրդին հաղորդելիք քաջալերական պատգամ մը ունիք՝ ըսէ՛ք։ Պօղոս ոտքի ելաւ, ձեռքով նշան ըրաւ որպէսզի լռեն, եւ ըսաւ. –Ո՜վ Իսրայէլացիներ եւ աստուածավախ մարդիկ, մտի՛կ ըրէք։ Այս ժողովուրդին՝ Իսրայէլի Աստուածը, ընտրեց մեր հայրերը, բարձրացուց մեր ժողովուրդը որ Եգիպտոսի մէջ որպէս պանդուխտ կ՚ապրէր, եւ իր մեծ զօրութեամբ զանոնք հոնկէ հանեց։ Շուրջ քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեց զանոնք։ Ապա Քանաան երկրի բնակիչ եօթը ազգերը պարտութեան մատնելով՝ անոնց երկիրը մեր ժողովուրդին տուաւ որպէս ժառանգութիւն։ Այս բոլորը եղան մօտաւորապէս չորս հարիւր յիսուն տարիներու ընթացքին։ Այնուհետեւ դատաւորներ տուաւ անոնց, մինչեւ Սամուէլ մարգարէի ժամանակը, երբ մեր ժողովուրդը թագաւոր ուզեց, եւ Աստուած թագաւոր կարգեց Սաւուղը, Կիսի որդին, որ Բենիամինի ցեղէն էր, քառասուն տարուան համար։ Սաւուղէն ետք անոնց վրայ թագաւոր կարգեց Դաւիթը, որուն մասին նաեւ վկայեց, ըսելով. «Դաւիթը, Յեսսէի որդին, սրտիս խօսող անձն է, որ ամբողջութեամբ իմ կամքս պիտի կատարէ»։ Անոր սերունդէն էր որ Աստուած Իսրայէլի տուաւ իր խոստացած Փրկիչը՝ Յիսուսը։ Բայց նախքան անոր հրապարակ գալը, Յովհաննէս Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդին կը քարոզէր որ ապաշխարեն եւ մկրտուին։ Եւ իր պաշտօնը լրացնելու ժամանակ, Յովհաննէս ըսաւ. «Ո՞վ կը կարծէք զիս։ Ես ձեր սպասած անձը չեմ։ Ահա ինձմէ ետք կու գայ անիկա, որուն կօշիկները հանելու իսկ արժանի չեմ ես»։ Եղբայրնե՛ր, Աբրահամեան տոհմի զաւակներ եւ ձեր մէջ գտնուող աստուածավախ մարդիկ. փրկութեան այս պատգամը Աստուած ձեզի ղրկեց։ Որովհետեւ Երուսաղէմի բնակիչները եւ իրենց իշխանները չճանչցան Յիսուսը, եւ զայն դատապարտելով՝ կատարած եղան խօսքը մարգարէներուն, որ ամէն Շաբաթ օր կը կարդային։ Եւ թէպէտ մահուան արժանի յանցանք մը չգտան անոր վրայ, սակայն Պիղատոսէն պահանջեցինոր սպաննուի։ Երբ անոր մասին բոլոր գրուածները կատարած եղան, զայն խաչէն իջեցուցին եւ գերեզման դրին։ Բայց Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց, եւ Յիսուս բազմաթիւ օրեր երեւցաւ անոնց՝ որոնք իրեն հետ Գալիլեայէն Երուսաղէմ եկած էին, եւ որոնք հիմա իր վկաներն են ժողովուրդին առջեւ։ Մենք ալ, ահա, ձեզի կ՚աւետենք, թէ Աստուած մեր հայրերուն տուած իր խոստումը կատարեց մեր օրերուն, որ անոնց որդիներն ենք։ Այդ խոստումը կատարեց՝ Յիսուսը յարուցանելով, ինչպէս երկրորդ սաղմոսին մէջ ալ գրուած է. «Իմ որդիս ես դուն, այսօր քեզ ծնայ»։ Նոյն այն իրողութիւնը, որ Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց եւ անիկա այլեւս բնաւ մահ պիտի չտեսնէ, խոստում մըն է՝ մեզի ուղղուած, որովհետեւ Աստուած այսպէս կ՚ըսէ. «Ձեզի պիտի տամ այն իսկական եւ սուրբ օրհնութիւնը, որ Դաւիթի խոստացայ», եւ ինչպէս ուրիշ սաղմոսի մը մէջ սաղմոսագիրը կ՚ըսէ. «Պիտի չթողուս որ քու ծառայիդ մարմինը փտութիւն տեսնէ»։ Արդ, Դաւիթ իր սերունդին մէջ Աստուծոյ ծառայելէ ետք մեռաւ եւ իր հայրերուն քով թաղուեցաւ, եւ իր մարմինը փտեցաւ։ Բայց Աստուած յարուցանեց Յիսուսը, որուն մարմինը փտութիւն չտեսաւ։ Ուստի իմացէ՛ք, եղբայրներ, Յիսուսի միջոցաւ մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի ձեզի։ Ովոր անոր կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ իր բոլոր մեղքերէն, որոնցմէ չկրցաք արդարանալ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ։ Զգոյշ եղէք ուրեմն, որ ձեր վրայ չգայ այն՝ ինչ որ մարգարէները կ՚ըսեն.– «Տեսէ՛ք, ո՛վ արհամարհողներ, զարմացէք եւկորսուեցէք. որովհետեւ ձեր օրերուն այնպիսի գործ մը պիտիընեմ, որուն պիտի չհաւատաք, նոյնիսկ երբ մէկը պատմէ ձեզի»։ Երբ Բառնաբաս ու Պօղոս ժողովարանէն դուրս ելան, մարդիկ կ՚աղաչէին որ միւս Շաբաթ օր եւս նոյն նիւթին մասին խօսին։ Ժողովուրդին ցրուելէն ետք, բազմաթիւ Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած բարեպաշտ օտարազգիներ հետեւեցան Պօղոսի եւ Բառնաբասի, որոնք անոնց հետ խօսեցան եւ համոզեցին զանոնք, որ շարունակեն Աստուծոյ շնորհքին մէջ մնալ։ Յաջորդ Շաբաթ օր, գրեթէ ամբողջ քաղաքը հաւաքուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու։ Երբ Հրեաներ ամբոխը տեսան՝ նախանձով լեցուեցան, եւ հայհոյալից արտայայտութիւններով կ՚ընդդիմախօսէին Պօղոսի խօսքերուն։ Ասոր վրայ, Պօղոս եւ Բառնաբաս համարձակօրէն յայտարարեցին. –Պէտք էր նախ ձեզի քարոզէինք Աստուծոյ խօսքը. բայց քանի կը մերժէք զայն եւ դուք ձեզ յաւիտենական կեանքին արժանի չէք համարեր, ահա մենք հեթանոսներուն կը դառնանք։ Որովհետեւ Տէրը ինք մեզի այսպէս պատուիրեց, ըսելով.– «Քեզ ղրկեցի՝ որ լոյս ըլլաս հեթանոսներուն, փրկութեան պատճառ ըլլաս աշխարհի բոլոր կողմերուն»։ Ասիկա լսելով՝ հեթանոսներ կ՚ուրախանային եւ Տիրոջ խօսքը կը փառաւորէին. եւ յաւիտենական կեանքի սահմանուածները հաւատքի կու գային։ Այսպիսով Տիրոջ խօսքը կը տարածուէր բոլոր գաւառներուն մէջ։ Բայց Հրեաներ գրգռեցին կարգ մը ազնուատոհմիկ, բարեպաշտ կիներ, ինչպէս նաեւ քաղաքին մեծամեծները, եւ Պօղոսի ու Բառնաբասի դէմ հալածանք հանելով՝ զանոնք իրենց սահմաններէն դուրս դրին։ Անոնք ալ իրենց ոտքի փոշին թօթափելով անոնց վրայ, եկան Իկոնիոն։ Իսկ Տիրոջ աշակերտները ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով կը լեցուէին։ Իկոնիոնիմէջնոյնպէս, Պօղոսու Բառնաբասմիասնաբար Հրեաներու ժողովարանը գացին եւ խօսեցան այնպէս՝ որ բազմաթիւ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին։ Բայց անոնց քարոզութիւնը չընդունող Հրեաները հեթանոսներու միտքը պղտորեցին եւ հաւատացող եղբայրներուն դէմ գրգռեցին զանոնք։ Այսուհանդերձ առաքեալները բաւական ատեն մնացին այնտեղ։ Համարձակութեամբ կը քարոզէին՝ վստահելով Տիրոջ, որ իր շնորհքին քարոզութեան վկայութիւն կու տար՝ անոնց ձեռքով նշաններ ու հրաշքներ կատարելով։ Քաղաքի բնակիչներուն մէջ երկպառակութիւն ինկաւ. ոմանք Հրեաներուն հետ էին, իսկ ուրիշներ՝ առաքեալներուն։ Երբ որ հեթանոսներ ու Հրեաներ իրենց իշխաններով միասին ոտքի ելան՝ առաքեալները խոշտանգելու եւ քարկոծելու համար, անոնք հասկցան իրենց գլխուն գալիքը եւ փախան դէպի Լիկայոնացիներու քաղաքները՝ Լիստրա, Դերբէ եւ շրջակայ գաւառները, եւ հոն կ՚աւետարանէին։ Լիստրայի մէջ կար ոտքերով տկար մարդ մը, որ նստած կը մնար, քանի որ ծնունդով կաղ էր եւ երբեք չէր քալած։ Պօղոսի խօսած ատեն՝ ասիկա մտիկ կ՚ընէր։ Պօղոս իր աչքերը անոր յառեց, եւ տեսնելով որ փրկուելու հաւատք ունի՝ ուժեղ ձայնով ըսաւ անոր. –Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով կ՚ըսեմ քեզի. ե՛լ, ոտքերուդ վրայ կանգնէ՝ ուղիղ։ Մարդը ոտքի ցատկեց եւ կը քալէր։ Մարդիկ երբ տեսան Պօղոսի գործած հրաշքը, սկսան բարձրաձայն աղաղակել Լիկայոներէն լեզուով, ըսելով. –Աստուածները մարդոց կերպարանքով մեր քով իջան։ Բառնաբասը Զեւս կը կոչէին, իսկ Պօղոսը՝ Հերմէս, քանի որ ինքն էր գլխաւոր խօսողը։ Քաղաքի մուտքին գտնուող Զեւսի տաճարին քուրմը ցուլեր եւ ծաղկեպսակներ բերաւ քաղաքի մուտքին, բազմութեան հետ միասին, զանոնք առաքեալներուն առջեւ զոհելու համար։ Առաքեալները, Բառնաբասեւ Պօղոս, երբ լսեցին ասիկա՝ իրենց հագուստները պատռեցին եւ ամբոխէն դուրս վազեցին, բարձրաղաղակ ըսելով. – Մարդի՜կ, ի՞նչ կ՚ընէք։ Մենք ալ ձեզի պէս տկար մարդիկ ենք, եւ ձեզի կը քարոզենք որ այդպիսի պարապ բաները ձգելով՝ դառնաք կենդանի Աստուծոյ, «Որ ստեղծեց երկինքը, երկիրն ու ծովը եւ ինչ որ կայ անոնց մէջ»։ Անիկա անցեալ ժամանակներուն թոյլ տուաւ որ իւրաքանչիւր ազգ իր ճամբով երթայ։ Եւ սակայն միշտ ալ ինքն իր մասին վկայութիւն տուաւ իր բարերարութիւններով. երկինքէն անձրեւ տուաւ ձեզի, պտղաբերութեան եղանակներ դրաւ, ուտելիքներով լիացուց ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ լեցուց։ Այս խօսքերով հազիւ կրցան բազմութիւնը ետ կեցնել՝ իրենց առջեւ զոհ մատուցանելու մտադրութենէն, եւ համոզեցին որ իւրաքանչիւրը իր գործին երթայ։ Մինչ անոնք կը շրջէին եւ կ՚ուսուցանէին, Անտիոքէն եւ Իկոնիոնէն Հրեաներ եկան։ Երբ առաքեալները համարձակօրէն վիճիլ սկսան, Հրեաներ խաբէութեամբ համոզեցին բազմութիւնը, որ անոնցմէ հեռու մնան, ըսելով. –Այս մարդոց ըսածները բնաւ ճշմարիտ չեն, այլ ամբողջութեամբ սուտ։ Եւ Պօղոսը քարկոծելով՝ քաշեցին քաղաքէն դուրս հանեցին, զայն մեռած համարելով։ Բայց երբ Տիրոջ աշակերտածները անոր շուրջ խմբուեցան, Պօղոս ելաւ եւ քաղաք մտաւ. իսկ յաջորդ օր Բառնաբասին հետ միասին Դերբէ գնաց։ Դերբէի մէջ Աւետարանը քարոզելէ եւ շատերը Յիսուսի աշակերտ դարձնելէ ետք, Պօղոս եւ Բառնաբաս վերադարձան Լիստրա, Իկոնիոն եւ Անտիոք, Տիրոջ աշակերտները զօրացնելու համար եւ զանոնք յորդորելու՝ որ հաւատքին մէջ հաստատուն մնան։ Անոնց կ՚ըսէին.– –Բազմաթիւ նեղութիւններ պէտք է կրենք՝ Աստուծոյ արքայութիւնը մտնելու համար։ Անոնք նաեւ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ համար երէցներ ձեռնադրեցին՝ ծոմապահութեամբ աղօթք ընելով, եւ հաւատացեալները յանձնեցին Տիրոջ, որուն անոնք հաւատացած էին։ Ապա Պիսիդիա նահանգը շրջելով՝ եկան Պամփիլիա, եւ Պերգէի մէջ Տիրոջ խօսքը քարոզելէ ետք իջան Ատտալիա քաղաքը։ Հոնկէ նաւելով գացին Անտիոք, ուրկէ Աստուծոյ շնորհքին յանձնուած էին՝ ա՛յն գործին համար, որ աւարտեցին։ Եկան եւ եկեղեցին մէկտեղելով՝ պատմեցին այն բոլորը, որ Աստուած կատարեց իրենց գործակցութեամբ եւ թէ՝ Աստուած հեթանոսներուն առջեւ բացաւ հաւատքի դուռը։ Եւ բաւական ժամանակ մնացին այնտեղ, Տիրոջ աշակերտածներուն հետ։ Կարգ մը մարդիկ, որոնք Հրէաստանէն Անտիոք եկած էին, հաւատացեալ եղբայրներուն կ՚ուսուցանէին, ըսելով. –Եթէ Մովսէսի Օրէնքին տրամադրութեան համաձայն չթլփատուիք՝ չէք կրնար փրկուիլ։ Բայց երբ բաւական հակառակութիւն եւ խնդիր եղաւ Պօղոսի ու Բառնաբասի եւ անոնց միջեւ, որոշուեցաւ որ Պօղոս եւ Բառնաբաս եւ անոնցմէ ոմանք այդ խնդրին համար երթան Երուսաղէմ, առաքեալներուն ու երէցներուն քով։ Ուստի եկեղեցիին կողմէ ղրկուած՝ անոնք հրաժեշտ առնելէ ետք անցան Փիւնիկէէն ու Սամարիայէն, տեղւոյն բոլոր հաւատացեալ եղբայրներուն պատմելով հեթանոսներու դարձին մասին եւ մեծապէս ուրախացնելով զանոնք։ Երբ հասան Երուսաղէմ, ընդունուեցան եկեղեցիէն, առաքեալներուն ու երէցներուն կողմէ, եւ պատմեցին ինչ որ Աստուած կատարեց իրենց գործակցութեամբ։ Փարիսեցիներու աղանդէն եկող հաւատացեալներէն ոմանք ելան եւ ըսին. –Պէտք է թլփատել զանոնք, եւ պատուիրել՝ որ Մովսէսի Օրէնքը գործադրեն։ Առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան այս հարցը քննելու համար։ Երբ բաւական վէճ եղաւ, Պետրոս ոտքի ելաւ եւ ըսաւ անոնց. –Եղբայրնե՛ր, դուք բոլորդ գիտէք, որ առաջին օրէն հոս՝ ձեր մէջէն Աստուած զիս ընտրեց, որպէսզի իմ բերանովս հեթանոսներ լսեն Աւետարանի պատգամը եւ հաւատան։ Աստուած, որ մեր մտածումները գիտէ, անոնց մասին իր հաւանութիւնը տուաւ՝ Սուրբ Հոգին տալով անոնց, ինչպէս որ տուած էր մեզի։ Ոեւէ խտրութիւն չդրաւ անոնց եւ մեր միջեւ. այլ որովհետեւ հաւատացին՝ սրբեց անոնց մեղքերը։ Հետեւաբար, ինչո՞ւ զԱստուած կը փորձէք՝ Տիրոջ աշակերտողներու վիզին դնելով լուծ մը, որ ո՛չ մեր հայրերը կրցան շալկել եւ ո՛չ ալ մենք։ Ընդհակառակը, կը հաւատանք որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը պիտի փրկուինք մենք, ինչպէս նաեւ անոնք։ Ամբողջ բազմութիւնը լռեց, եւ սկսան մտիկ ընել Բառնաբասին ու Պօղոսին, որոնք կը պատմէին թէ Աստուած ի՛նչ նշաններ ու հրաշքներ կատարեցիրենց ձեռքով։ Երբ անոնք լռեցին, Յակոբոս խօսք առնելով, ըսաւ. –Եղբայրնե՛ր, ինծի՛ մտիկ ըրէք։ Շմաւոն բացատրեց, թէ ի՛նչպէս Աստուած սկիզբէն հաճեցաւ բոլոր ազգերէն իրեն ժողովուրդ մը պատրաստել՝ իր անունը փառաւորելու համար։ Այս կէտին շուրջ մարգարէներու արտայայտութիւնները միաձայն են, ինչպէս, օրինակ, գրուած է.– «Այն օրը պիտի վերադառնամ ու վերաշինեմ Դաւիթի ինկած տունը. պիտի վերաշինեմ անոր աւերակները եւ պիտի վերականգնեմ զայն, որպէսզի մնացեալ մարդիկը եւ բոլոր ազգերը, որոնց ես իմ անունս տուած եմ՝ զիս փնտռեն,– կ՚ըսէ Տէրը որ այս բոլորը կ՚իրականացնէ։ Արդարեւ յայտնի են Աստուծոյ բոլոր գործերը, աշխարհի սկիզբէն ի վեր»։ Հետեւաբար, ես յարմար կը դատեմ՝ չնեղել անոնք որ հեթանոսութենէ կը դառնան Աստուծոյ, այլ միայն գրել անոնց՝ որ ամբողջութեամբ հեռու մնան կուռքերու ընծայուած պիղծ կերակուրներէն, պոռնկութենէ, խեղդուած կենդանիներու միսէն եւ արիւնէ: Որովհետեւ հին ժամանակներէն ի վեր ամէն մէկ քաղաքի մէջ Մովսէսի Օրէնքը իր քարոզիչները ունի, եւ ամէն Շաբաթ օր ժողովարաններուն մէջ կը կարդացուի։ Այն ատեն առաքեալներն ու երէցները ամբողջ եկեղեցիին հետ միասին յարմար դատեցին՝ Պօղոսի եւ Բառնաբասի հետ Անտիոք ղրկել իրենց մէջէն ընտրուած քանի մը հոգի, եւընտրեցին Բարսաբա կոչուած Յուդան եւ Շիղան, որոնք հաւատացեալներուն մէջ հեղինակութիւն վայելող անձեր էին։ Անոնց ձեռքով նաեւ հետեւեալ նամակը ղրկեցին Անտիոքի եղբայրներուն.– «Առաքեալներէն, երէցներէն ու եղբայրներէն՝ ողջոյն ձեզի, հեթանոսութենէ դարձի եկած եղբայրներուդ, որ Անտիոքի, Սուրիայի եւ Կիլիկիայի մէջ կը գտնուիք»։ «Լսեցինք, թէ ոմանք որպէս թէ մեր կողմէ եկած՝ իրենց արտայայտութիւններով խռովեցուցած են ձեզ եւ շփոթի մատնած, ըսելով՝ թէ պէտք է թլփատուիք եւ Օրէնքը գործադրէք. մինչդեռ մենք այդպիսի բան չենք պատուիրած իրենց։ Ուստի ժողովի հաւաքուածներս միասնաբար յարմար դատեցինք ձեզի մէկ–երկու ընտրուած մարդիկ ղրկել, մեր սիրելիներուն՝ Պօղոսի եւ Բառնաբասի հետ միասին, որոնք իրենց կեանքերը զոհած են մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունին համար։ Ուստի Յուդան ու Շիղան ղրկեցինք, որպէսզի իրենք ալ բերանացի կերպով նոյնը հաղորդեն։ Որովհետեւ Սուրբ Հոգին եւ մենք յարմար դատեցինք՝ ձեզ չծանրաբեռնել ոեւէ ուրիշ պահանջներով, բացի հետեւեալ կարեւոր բաներէն.– որ հեռու մնաք կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն, արիւնէ, խեղդուած կենդանիներու միսէն եւ պոռնկութենէ։ Եթէ ասոնք պահէք՝ լաւ կ՚ընէք։ Ողջ եղէք»։ Հոնկէ հրաժեշտ առնելով՝ անոնք գացին Անտիոք, եւ հաւատացեալները մէկտեղ հաւաքելով՝ նամակը տուին։ Անտիոքացիներ նամակը կարդալով՝ ուրախացան տրուած քաջալերանքին համար։ Յուդա եւ Շիղա, որովհետեւ իրենք ալ մարգարէներ էին, երկարօրէն խօսելով՝ քաջալերեցին եւ զօրացուցին եղբայրները։ Երուսաղէմէն եկողները ժամանակ մը այնտեղ մնալէ ետք, խաղաղութեամբ հրաժեշտ առին եղբայրներէն եւ դարձան զիրենք ղրկողներուն քով։ Բայց Շիղա յարմար դատեց այնտեղ մնալ։ Իսկ Պօղոս եւ Բառնաբաս կը մնային Անտիոք, ուր Տիրոջ խօսքը կ՚ուսուցանէին եւ կը քարոզէին ուրիշ շատերու հետ միասին։ Կարճ ժամանակ մը ետք, Պօղոս Բառնաբասին ըսաւ. –Դառնանք եւ մեր հաւատացեալ եղբայրներունայցելենք բոլոր այն քաղաքներուն մէջ, ուր Տիրոջ խօսքը քարոզեցինք, տեսնելու թէ ի՛նչպէս են։ Բառնաբաս կ՚ուզէր Մարկոս կոչուած Յովհաննէսն ալ միասին առնել. բայց Պօղոս ճիշդ չէր գտներ որ իրենց հետ առնեն մէկը՝ որ Պամփիլիայէն իրենցմէ բաժնուեցաւ եւ իրենց հետ գործելու չեկաւ։ Այս պատճառով անհամաձայնութիւն ծագեցաւ եւ իրարմէ բաժնուեցան։ Բառնաբաս Մարկոսը առաւ եւ դէպի Կիպրոս նաւեց, իսկ Պօղոս Շիղան ընտրեց եւ ճամբայ ելաւ, Անտիոքի եղբայրներուն աղօթքով Աստուծոյ շնորհքին յանձնուելէ ետք։ Սուրիայի եւ Կիլիկիայի կողմերը կը պտըտէր եւ եկեղեցիները կը զօրացնէր։ Պօղոս շրջելով հասաւ Դերբէ եւ հոնկէ եկաւ Լիստրա։ Այնտեղ կար Տիրոջ աշակերտած մէկը, Տիմոթէոս անունով, որ դարձի եկած Հրեայ կնոջ մը զաւակն էր՝ հեթանոս հօրմէ, եւ շատ յարգուած էր Լիստրայի եւ Իկոնիոնի եղբայրներուն կողմէ։ Պօղոս ուզեց զայն իր հետ տանիլ. ուստի առաւ զայն թլփատեց, այդ շրջաններու Հրեաներուն համար, որոնք գիտէին թէ անոր հայրը հեթանոս էր։ Ամէն անգամ որ քաղաքէ մը կ՚անցնէին, կը փոխանցէին Երուսաղէմ գտնուող առաքեալներուն ու երէցներուն կողմէ պատուիրուած հրահանգները, որպէսզի գործադրեն զանոնք։ Իսկ եկեղեցիները կը զօրանային հաւատքին մէջ եւ հաւատացեալները օրէ օր թիւով կ՚աւելնային։ Պօղոս, Շիղա եւ Տիմոթէոս Փռիգիայի եւ Գաղատիայի կողմերը շրջեցան. բայց Սուրբ Հոգին թոյլ չտուաւ որ Ասիա նահանգին մէջ Տիրոջ խօսքը քարոզեն։ Նոյնպէս, երբ դէպի Միսիա եկան եւ կը փորձէին Բիթանիա երթալ՝ Յիսուսի Հոգին չարտօնեց իրենց։ Ուստի Միսիայէն անցնելով իջան Տրովադա։ Այստեղ գիշերը Պօղոս տեսիլք մը ունեցաւ։ Մակեդոնացի մարդ մը կանգնած՝ կ՚աղաչէր իրեն, ըսելով. «Մակեդոնիա եկուր եւ օգնէ՛ մեզի»։ Այս տեսիլքին վրայ ուզեցինք շուտով Մակեդոնիա անցնիլ, հետեւցնելով՝ թէ Տէրը մեզ հրաւիրեց որ Աւետարանը քարոզենք Մակեդոնացիներուն։ Տրովադայէն նաւելով՝ ուղիղ գացինք Սամոթրակէ. անկէ՝ դէպի Նէապոլիս, իսկ հոնկէ՝ դէպի Փիլիպպէ, որ Մակեդոնիա նահանգին առաջին գաւառին մէկ քաղաքն է եւ հռոմէական գաղթավայր։ Ժամանակ մը մնացինք այդ քաղաքը։ Շաբաթ օրը քաղաքէն դուրս ելանք, գետափին, ուր Հրեաներ կը հաւաքուէին աղօթելու։ Նստանք եւ կը խօսէինք հաւաքուած կիներուն հետ։ Թիւատիր քաղաքէն ծիրանի զգեստներ ծախող աստուածավախ կին մը կար, Լիդիա անունով, որ մտիկ կ՚ընէր։ Տէրը ինք բացաւ անոր միտքը, որ Պօղոսի խօսքերուն մտիկ ընէ։ Երբ ինք եւ իր ընտանիքը մկրտուեցան, աղաչեց մեզի, ըսելով. – Եթէ զիս Տիրոջ հաւատացող կը նկատէք՝ եկէք իմ տունս մնացէք։ Եւ ստիպեց, տարաւ մեզ։ Պատահեցաւ որ, երբ կրկին աղօթքի վայրը կ՚երթայինք, մեր դէմը ելաւ ստրուկ աղախին մը, որ հարցուկ ոգի մը ունէր իր ներսիդին եւ իր ըրած գուշակութիւններով ահագին շահ կը բերէր իր տէրերուն։ Այս կինը Պօղոսի եւ մեր ետեւէն գալով՝ կ՚աղաղակէր եւ կ՚ըսէր. –Այս մարդիկը Բարձրեալ Աստուծոյ ծառաներն են, որոնք փրկութեան ճամբան կը քարոզեն ձեզի։ Երբ օրեր շարունակ ասիկա կրկնեց, Պօղոսի համբերութիւնը հատաւ, եւ դառնալով՝ ըսաւ ոգիին. –Յիսուս Քրիստոսի անունով կը հրամայեմ քեզի՝ ե՛լ ատկէ։ Նոյն վայրկեանին ոգին դուրս ելաւ անկէ։ Երբ աղախինին տէրերը տեսան թէ իրենց շահի աղբիւրը կտրուեցաւ, բռնեցին Պօղոսն ու Շիղան եւ քաշեցին հրապարակ տարին՝ իշխանութեան յանձնելու։ Եւ զանոնք դատաւորներուն բերելով, ըսին. –Այս մարդիկը Հրեայ են եւ մեր քաղաքը տակնուվրայ կ՚ընեն։ Այնպիսի սովորութիւններ կը քարոզեն մեզի՝ որ մենք իբրեւ Հռոմայեցի՝ ո՛չ կրնանք ընդունիլ եւ ո՛չ ալ գործադրել։ Ամբոխը անոնց շուրջ դիզուեցաւ։ Դատաւորները պատռել տուին անոնց հագուստները եւ հրամայեցին գանահարել։ Յետոյ, անոնց մարմինը բաւական խոշտանգելէ ետք, բանտ նետել տուին, բանտապետին պատուիրելով որ զգուշութեամբ պահէ զանոնք։ Այս պատուէրին վրայ, բանտապետը զանոնք ներքին խուցերէն մէկընետեց, եւ անոնց ոտքերն ալ կոճղի մէջ ամրացուց։ Կէս գիշերուան մօտ, մինչ Պօղոս եւ Շիղա կ՚աղօթէին եւ զԱստուած կ՚օրհներգէին, իսկ միւս բանտարկեալները իրենց մտիկ կ՚ընէին, յանկարծ մեծ երկրաշարժ մը եղաւ. այնպէս որ բանտին հիմերը սասանեցան։ Նոյն վայրկեանին բոլոր դռները բացուեցան եւ բոլորին կապերը քակուեցան։ Երբ բանտապետը արթնցաւ եւ տեսաւ թէ բանտին դռները բաց են, սուրը քաշեց՝ ինքզինք սպաննելու համար, կարծելով թէ բանտարկեալները փախած են։ Պօղոս բարձր ձայնով կանչեց. –Մի՛ ըներ, կեցի՛ր, բոլորս ալ հոս ենք։ Բանտապետը լոյս ուզեց եւ ներս խուժելով՝ դողալով ինկաւ Պօղոսի եւ Շիղայի առջեւ։ Ապա զանոնք դուրս բերելով, ըսաւ. –Պարոննե՛ր, ի՞նչ պէտք է ընեմ որ փրկուիմ։ Անոնք ըսին. – Տէր Յիսուս Քրիստոսի հաւատա եւ ամբողջ ընտանիքովդ կը փրկուիս։ Եւ Տիրոջ խօսքը քարոզեցին անոր եւ անոր ընտանիքի բոլոր անդամներուն։ Իսկ բանտապետը գիշերուան այդ ժամուն առաւ զիրենք եւ իրենց վէրքերը լուաց։ Անմիջապէս ետք, ինք եւ բոլոր իրենները մկրտուեցան։ Ապա զիրենք իր տունը տարաւ եւ սեղան շտկեց անոնց առջեւ, եւ ամբողջ ընտանիքով ուրախացան՝ Աստուծոյ հաւատացած ըլլալնուն համար։ Առաւօտուն, դատաւորները իրենց նուիրակները ղրկեցին՝ ըսելու համար. –Ազատ արձակէ այդ մարդիկը։ Բանտապետը եկաւ լուրը Պօղոսին հաղորդեց, ըսելով. –Դատաւորները մարդ ղրկեցին, որ ազատ արձակեմ ձեզ։ Հետեւաբար ելէք խաղաղութեամբ գացէք։ Իսկ Պօղոս բանտապետին եւ նուիրակներուն ըսաւ. –Հրապարակաւ գանակոծել տուին եւ բանտը դրին մեզ, մենք՝ որ անմեղ ենք եւ մանաւանդ Հռոմայեցի. եւ հիմա ծածուկ կերպո՞վ դուրս կը հանեն։ Ո՛չ, չե՛նք ելլեր։ Թող իրե՛նք գան հանեն մեզ։ Նուիրակները եկան այս խօսքերը հաղորդեցին դատաւորներուն։ Երբ լսեցին որ Հռոմայեցի են՝ վախցան. եկան ներողութիւն խնդրեցին, եւ զանոնք դուրս հանելով՝ կ՚աղաչէին որ իրենց քաղաքէն երթան։ Իսկ անոնք բանտէն ելլելով՝ գացին Լիդիայի տունը, ուր հաւատացեալ եղբայրները տեսնելով՝ զանոնք քաջալերեցին եւ մեկնեցան։ Ամփիպոլիս եւ Ապոլոնիա քաղաքները շրջելէ ետք, Պօղոս եւ Շիղա Թեսաղոնիկէ եկան, ուր Հրեաներու ժողովարան մը կար։ Պօղոս ըստ իր սովորութեան ժողովարան գնաց եւ երեք Շաբաթ օրեր անոնց խօսեցաւ։ Կը բանար ու կը բացատրէր Սուրբ գիրքերը, անոնցմով կ՚ապացուցանէր, թէ ի՛նչպէս Քրիստոս պիտի չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր, եւ կ՚ըսէր. –Այն Յիսուսը, որ ես ձեզի կը քարոզեմ, ա՛ն է Քրիստոսը՝ խոստացուած Փրկիչը։ Թեսաղոնիկեցի Հրեաներէն ոման հաւատացին եւ Պօղոսի ու Շիղայի յարեցան։ Նոյնպէս անոնց յարեցան շատ մը աստուածապաշտ Յոյներ եւ նկատառելի թիւով երեւելի կիներ։ Հրեայ ղեկավարները նախանձեցան եւ փողոցներէն քանի մը դատարկապորտ անօրէններ հաւաքելով՝ ամբոխ կազմեցին, ամբողջ քաղաքը խռովեցին եւ Յասոնի տան վրայ խուժեցին՝ Պօղոսն ու Շիղան բռնելու եւ ժողովուրդին առջեւ հանելու համար։ Բայց երբ զանոնք չգտան, Յասոնն ու քանի մը ուրիշ հաւատացեալներ քաշեցին տարին քաղաքի իշխաններուն առջեւ, պոռալով. –Այս մարդիկը, որոնք ամբողջ աշխարհը իրար անցուցին, հիմա մեր քաղաքը եկեր են, եւ Յասոն իր տունը առեր է զիրենք։ Ասոնք բոլորը կայսրին հրահանգներուն հակառակ կը գործեն, որովհետեւ ուրի՛շ թագաւոր մը կը ճանչնան՝ Յիսուս անունով։ Այս խօսքերով անոնք խռովեցուցին ամբոխը եւ քաղաքի իշխանները։ Սակայն իշխանները Յասոնէն եւ միւս քրիստոնեաներէն երաշխաւորութիւն առնելով՝ ազատ արձակեցին զանոնք։ Հազիւ գիշերը վրայ հասած՝ քրիստոնեաներ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք երբ հոն հասան՝ Հրեաներու ժողովարանը գացին։ Բերիայի Հրեաները աւելի ազատամիտ էին քան Թեսաղոնիկեցիները, ուստի մեծ յօժարութեամբ ընդունեցին Աստուծոյ խօսքը եւ ամէն օր Սուրբ գիրքերը կը քննէին, տեսնելու համար թէ ճշմարի՞տ են Պօղոսի քարոզածները։ Անոնցմէ շատեր հաւատացին։ Նմանապէս հաւատացին բազմաթիւ ազնուական Յոյն կիներ եւ այրեր։ Բայց երբ Թեսաղոնիկէի Հրեաները իմացան թէ Պօղոս Բերիայի մէջ եւս Աստուծոյ խօսքը քարոզեց, հոն ալ եկան՝ ժողովուրդը գրգռելու եւ խռովութիւն ստեղծելու համար։ Ուստի հաւատացեալները անմիջապէս Պօղոսը մինչեւ ծովեզերք ղրկեցին, իսկ Շիղա եւ Տիմոթէոս հոն մնացին։ Պօղոսի ընկերացողները զինք մինչեւ Աթէնք հասցուցին եւ ապա Բերիա դարձան, Շիղայի եւ Տիմոթէոսի համար Պօղոսէն պատուէր առնելով՝ որ շուտով գան իր մօտ։ Աթէնքի մէջ, մինչ Պօղոս անոնց կը սպասէր, զայրոյթով կը լեցուէր՝ տեսնելով որ քաղաքը կռապաշտութեան մէջ թաղուած էր։ Ուստի ո՛չ միայն ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն եւ աստուածապաշտ Յոյներուն, այլ նաեւ հրապարակի վրայ ամէն օր կը խօսէր՝ որո՛նց որ հանդիպէր։ Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան իմաստասէրներէն ոմանք կը հակաճառէին իրեն։ Ուրիշներ կ՚ըսէին. –Այս իմաստակը ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ։ Իսկ ուրիշներ կ՚ըսէին. –Կ՚երեւի թէ օտար աստուածներ կը քարոզէ։ Որովհետեւ Յիսուսի մասին կը խօսէր եւ յարութեան աւետիսը կու տար անոնց։ Ուստի առին զինք եւ տարին Արիսպագոս եւ կ՚ըսէին. –Կրնա՞նք լսել՝ թէ ի՛նչ է այդ նոր վարդապետութիւնը, որուն մասին կը խօսիս։ Օտարոտի նորութիւններ ըսիր մեզի. հետեւաբար կ՚ուզենք գիտնալ թէ ի՛նչ են ատոնք։ Որովհետեւ ընդհանրապէս բոլոր Աթենացիները եւ հոն բնակող օտարականները ուրիշ զբաղում չունէին՝ բացի վերջին նորութիւնները լսելէ եւ պատմելէ։ Պօղոս Արիսպագոսին մէջտեղը կանգնեցաւ եւ ըսաւ. –Ո՜վ Աթենացիներ, կը տեսնեմ որ ծայր աստիճան կրօնասէր էք ամէն ինչով. որովհետեւ երբ կը պտըտէի եւ աչքէ կ՚անցընէի ձեր պաշտամունքի վայրերը, տեսայ բագին մը, որուն վրայ գրուած էր. «Անծանօթ Աստուծոյ»։ Ահա, ինչ որ դուք առանց ճանչնալու կը պաշտէք՝ նոյնը կը քարոզեմ ես ձեզի։ Այն Աստուածը՝ որ ստեղծեց աշխարհը եւ ինչ որ կայ անոր մէջ, ան՝ որ երկինքի եւ երկրի Տէրն է, որ ո՛չ ձեռակերտ տաճարներու մէջ կը բնակի, ո՛չ ալ մարդոց կողմէ ծառայութեան կը կարօտի մարդոց պէս։ Ան է որ բոլորին կեանք, շունչ եւ ամէն ինչ կու տայ։ Ան է որ միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ, որպէսզի աշխարհի բոլոր կողմերը բնակին։ Յատուկ ժամանակաշրջաններ սահմանեց եւ բնակութեան սահմաններ ճշդեց անոնց, որպէսզի զԱստուած փնտռեն, եւ թերեւս խարխափելով գտնեն զայն։ Եւ արդարեւ հեռու ալ չէ մեզմէ իւրաքանչիւրէն։ Որովհետեւ «Իրմով է որ կ՚ապրինք, կը շարժինք եւ կանք», ինչպէս որ ձեր բանաստեղծներէն մէկն ալ ըսած է՝ «Մենք անոր զաւակներն ենք»։ Քանի ուրեմն Աստուծոյ զաւակներն ենք, ի՞նչպէս կրնանք խորհիլ՝ թէ աստուածութիւնը ոսկիով, արծաթով կամ քարով շինուած եւ մարդկային ճարտարութեան ու մտքի ծնունդ եղող քանդակներու կը նմանի։ Բայց արդ, Աստուած կամաւորաբար մոռնալով այդ ժամանակները, երբ մարդիկ չէին ճանչնար զինք, հիմա ամենուրեք բոլոր մարդոց կը պատուիրէ՝ ապաշխարել։ Որովհետեւ օր մը սահմանեց, երբ արդարութեամբ պիտի դատէ ամբողջ աշխարհը մարդու մը ձեռքով, որուն միջոցաւ ուզեց հաւատք ներշնչել բոլորին՝ զայն մեռելներէն յարուցանելով։ Երբ մեռելներու յարութեան մասին լսեցին, ոմանք սկսան ծաղրել, իսկ ուրիշներ ըսին. –Այս մասին ուրիշ անգամ նորէն կ՚ուզենք լսել քեզմէ։ Այսպիսով Պօղոս թողուց զանոնք եւ գնաց։ Բայց քանի մը հոգիներ իրեն յարեցան եւ հաւատացին։ Ասոնց մէջ էին Դիոնիսիոս Արիսպագացին, Դամարիս անունով կին մը եւ ասոնց հետ ուրիշներ։ Անկէ ետք Պօղոս Աթէնքէն մեկնելով՝ եկաւ Կորնթոս։ Այնտեղ գտաւ ծնունդով Պոնտացի Հրեայ մը, Ակիլաս անունով, որ իր կնոջ՝ Պրիսկիլայի հետ դեռ նոր եկած էր Իտալիայէն, որովհետեւ Կլաւդիոս կայսր հրամայած էր որ բոլոր Հրեաները Հռոմէն հեռացուին։ Պօղոս անոնց քով մնաց, եւ քանի արհեստակից էր՝ անոնց քով կը մնար եւ կ՚աշխատէր, որովհետեւ արհեստով վրանագործ էին։ Ամէն Շաբաթ օր ժողովարանին մէջ կը խօսէր, ջանալով համոզել Հրեաներն ու Յոյները ։ Երբ Շիղա եւ Տիմոթէոս Մակեդոնիայէն եկան, Պօղոս ամբողջ հոգիով ճիգ կը թափէր՝ վկայութեամբ ապացուցանելու Հրեաներուն, թէ Յիսուս սպասուած Փրկիչը՝ Քրիստոսն է։ Եւ երբ անոնք հակառակեցան եւ հայհոյեցին իրեն, Պօղոս իր հագուստները թօթուելով ըսաւ. –Ձեր արիւնը՝ ձեր գլուխը, ա՛լ ես յանցաւոր չեմ։ Ասկէ ետք հեթանոսներուն պիտի երթամ։ Եւ հոնկէ ելլելով՝ մտաւ Տիտոս Յուստոս անունով աստուածապաշտ մարդու մը տունը, որ ժողովարանին կից էր։ Ժողովրդապետը՝ Կրիսպոս, իր ամբողջ ընտանիքով հաւատաց Տիրոջ ։ Շատ մը Կորնթացիներ լսելով Պօղոսը, հաւատացին եւ մկրտուեցան։ Գիշերը, Տէրը տեսիլքի մը մէջ ըսաւ Պօղոսին. –Անվախօրէն խօսէ, լուռ մի՛ մնար, որովհետեւ ես քեզի հետ եմ։ Ոեւէ մէկը քեզի դէմ պիտի չելլէ եւ վնաս պիտի չհասցնէ քեզի, որովհետեւ այս քաղաքին մէջ ես մեծ թիւով ժողովուրդ ունիմ։ Ուստի Պօղոս տարի մը եւ վեց ամիս այնտեղ մնաց, Աստուծոյ խօսքը ուսուցանելով անոնց։ Աքայիայի փոխ–բդեշխին՝ Գալիոնի օրերուն, Հրեաները միաբանելով՝ Պօղոսի դէմ ելան եւ զայն ատեան տարին, ըսելով. –Ասիկա մարդիկը կը դրդէ՝ մեր Օրէնքին հակառակ ձեւով պաշտելու զԱստուած։ Հազիւ Պօղոս իր բերանը պիտի բանար, Գալիոն Հրեաներուն ըսաւ. –Եթէ ոեւէ չար բան՝ անիրաւութիւն կամ խարդախութիւն գործած ըլլար, ո՛վ Հրեաներ, ճիշդ պիտի ըլլար որ ձեր բողոքը լսէի։ Բայց քանի խնդիրը ոեւէ խօսքի բացատրութեան, անուններու կամ ձեր Օրէնքին կը վերաբերի, դուք ձեր միջեւ կարգադրեցէք։ Ես այդպիսի բաներու դատաւորութիւն ընել չեմ ուզեր։ Եւ զանոնք ատեանէն դուրս դրաւ։ Ասոր վրայ, Յոյները բոլորը մէկ բռնեցին Սոսթենէս ժողովրդապետը եւ ատեանին առջեւ ծեծեցին։ Բայց ասիկա բնաւ Գալիոնի հոգը չեղաւ։ Պօղոս ժամանակ մը եւս մնալէ ետք, հաւատացեալ եղբայրներէն հրաժեշտ առաւ՝ նաւով Սուրիա երթալու համար։ Պրիսկիլա ու Ակիլաս միասին էին։ Կենքրայէն ճամբայ ելլելէ առաջ իր մազերը ածիլեց, որովհետեւ ուխտ ըրած էր։ Երբ Եփեսոս հասան, զանոնք քաղաք ձգելով՝ ինք գնաց տեղւոյն ժողովարանը եւ խօսեցաւ Հրեաներուն: Աղաչեցին որ երկար ժամանակով մնայ այնտեղ, բայց ինք յանձն չառաւ, այլ՝ հրաժեշտ առաւ անոնցմէ, ըսելով. –Յառաջիկայ տօնը անպայման Երուսաղէմի մէջ պէտք է կատարեմ. բայց եթէ Աստուած կամենայ՝ դարձեալ կու գամ ձեզի։ Եփեսոսէն նաւ առնելով՝ եկաւ Կեսարիա, եւ Երուսաղէմ ելլելով՝ողջունեց եկեղեցին ։ Ապա գնաց Անտիոք։ Ժամանակ մը հոն մնալէ ետք՝ ելաւ եւ սկսաւ շրջիլ նախ Գաղատացիներու երկիրը եւ ապա Փռիւգիա, զօրացնելով Տիրոջ բոլոր աշակերտածները։ Ապողոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով Աղեքսանդրացի, որ ճարտարախօս էր եւ քաջածանօթ Սուրբ գիրքերուն, եկաւ հասաւ Եփեսոս։ Անիկա Տիրոջ վարդապետութեամբ դաստիարակուած էր, հոգիով կ՚եռար, կը քարոզէր եւ ճշգրտութեամբ կ՚ուսուցանէր Յիսուսի մասին։ Գալով մկրտութեան, միայն Յովհաննէսի քարոզած մկրտութեան ծանօթ էր։ Անիկա սկսաւ համարձակ կերպով խօսիլ ժողովարանին մէջ։ Երբ Ակիլաս եւ Պրիսկիլա լսեցին իր քարոզութիւնը, զայն իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ ձեւով իրեն պարզեցին Աստուծոյ ճամբան։ Երբ Ապողոս ուզեց Աքայիա երթալ, հաւատացեալ եղբայրները համաձայն գտնուեցան եւ գրեցին այնտեղի հաւատացեալներուն՝ որ ընդունին զայն։ Իսկ Ապողոս երբ հոն հասաւ՝ Աստուծոյ շնորհքով մեծապէս օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն, որովհետեւ հրապարակաւ զօրեղապէս կը հերքէր Հրեաներու առարկութիւնները, Սուրբ գիրքերուն մէջէն ցոյց տալով՝ թէ Յիսուսը խոստացուած Քրիստոսն է։ Մինչ Ապողոս Կորնթոս կը գտնուէր, Պօղոս Գաղատիայի եւ Փռիւգիայի կողմերը պտըտելէ ետք Եփեսոս իջաւ։ Այստեղ Տիրոջ աշակերտած մարդիկ գտնելով՝ հարցուց անոնց. –Սուրբ Հոգին առի՞ք՝ երբ հաւատացիք։ Անոնք պատասխանեցին. –Նոյնիսկ չենք լսած թէ Սուրբ Հոգի մը կայ։ Պօղոս հարցուց. –Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք։ Պատասխանեցին. –Յովհաննէսի մկրտութեամբ։ Եւ Պօղոս ըսաւ. –Յովհաննէս ժողովուրդը մկրտեց մկրտութեամբ մը՝ որ մարդիկը ապաշխարութեան կը հրաւիրէր, բայց կ՚ըսէր որ հաւատան անոր՝ որ իրմէ ետք պիտի գար, այսինքն՝ Յիսուս Քրիստոսին ։ Եփեսացիները ասիկա լսելով, Տէր Յիսուսի անունով մկրտուեցան։ Իսկ երբ Պօղոս ձեռքը դրաւ անոնց գլխուն, Սուրբ Հոգին իջաւ անոնց վրայ, անծանօթ լեզուներով կը խօսէին ու կը մարգարէանային: Անոնք ընդամէնը շուրջ տասներկու հոգի էին։ Պօղոս ժողովարան մտնելով՝ երեք ամիս համարձակօրէն Աստուծոյ արքայութեան մասին կը խօսէր անոնց եւ կը փորձէր համոզել։ Սակայն երբ անոնցմէ ոմանք սկսան յամառօրէն հակաճառել եւ բազմութեան դիմաց վարկաբեկել Տիրոջ վարդապետութիւնը, Պօղոս ժողովարանէն քաշուեցաւ եւ Տիրոջ աշակերտածներն ալ միասին տարաւ, եւ ամէն օր կը խօսէր անոնց, Տիրան անունով մէկու մը դպրոցին մէջ։ Երկու տարի այսպէս շարունակուեցաւ. այնպէս որ Ասիա նահանգի բոլոր բնակիչները, Հրեայ թէ Յոյն, Տիրոջ խօսքը լսեցին։ Աստուած Պօղոսի ձեռքով արտասովոր հրաշքներ կը գործէր։ Մարդիկ մինչեւ իսկ անոր քրտինքոտ թաշկինակն ու գործի հագուստը կը տանէին հիւանդներուն եւ անոնք կը բժշկուէին իրենց ցաւերէն, կամ չար ոգիները կ՚ելլէին։ Քանի մը Հրեաներ, որոնք շրջուն երդմնեցուցիչներ էին, մարդոցմէ չար ոգիները հանելու համար յանդգնեցան Տէր Յիսուսի անունը գործածել, ըսելով. –Երդումով կը հրամայեմ ձեզի՝ այն Յիսուսին անունով որ Պօղոս կը քարոզէ։ Այս բանը ընողները Սկեւա անունով Հրեայ աւագ երէցի մը եօթը որդիներն էին։ Չար ոգին պատասխանեց, ըսելով. –Յիսուսը գիտեմ, Պօղոսն ալ կը ճանչնամ. բայց դուք ո՞վ էք։ Եւ մարդը, որուն մէջն էր չար ոգին, յարձակեցաւ անոնց վրայ եւ մէկ առ մէկ բռնելով խոշտանգեց զանոնք, այնպէս մը՝ որ կիսամերկ ու վիրաւոր՝ փախան այդ տունէն։ Եփեսոս բնակող բոլոր Հրեաներն ու Յոյները իմացան այս մասին, եւ բոլորին վրայ վախ մը ինկաւ։ Եւ Տէր Յիսուսի անունը երթալով կը փառաւորուէր։ Հաւատացողներէն շատեր կու գային եւ կը խոստովանէին՝ իրենց գործած մեղքերը պատմելով։ Իսկ կախարդութիւն ընողներէն շատեր իրենց գիրքերը բերին եւ բոլորին առջեւ այրեցին։ Անոնց գինը հաշուեցին եւ գտան որ յիսուն հազար արծաթ դրամ կ՚ընէր։ Այսպիսով, մեծ զօրութեամբ Տիրոջ խօսքը կը տարածուէր, եւ եկեղեցին կը զօրանար։ Իր աշխատանքները աւարտելէ ետք, Պօղոս մտադրեց Մակեդոնիա եւ Աքայիա շրջիլ եւ ապա Երուսաղէմ երթալ։ Կ՚ըսէր. –Հոն երթալէս ետք՝ պէտք է Հռոմ ալ երթամ։ Իր օգնականներէն երկուքը՝ Տիմոթէոսն ու Երաստոսը Մակեդոնիա ղրկեց, իսկ ինքը ժամանակ մը եւս Ասիա մնաց։ Այդ օրերուն էր, որ Եփեսոսի մէջ մեծ խռովութիւն մը եղաւ Տիրոջ վարդապետութեան համար։ Դեմետրիոս անունով արծաթագործ մը կար, որ Արտեմիս դիցուհիի տաճարին արծաթէ մանրակերտները կը շինէր, ինչ որ ահագին շահ կը բերէր արհեստաւորներուն։ Այս մարդը հաւաքեց նոյն արհեստով զբաղող գործաւորները եւ ըսաւ անոնց. –Մարդի՛կ, դուք շատ լաւ գիտէք՝ թէ այս գործէն է որ մենք մեր ապրուստը կը շահինք։ Եւ կը տեսնէք ու կը լսէք, թէ այդ Պօղոսը ո՛չ միայն Եփեսոսի, այլ գրեթէ ամբողջ Ասիա նահանգին մէջ մեծ բազմութիւն մը համոզելով մոլորեցուց, ըսելով՝ թէ «Ձեռքով շինուած աստուածները աստուած չեն»։ Ասիկա ո՛չ միայն մեր գործի վարկին վնաս հասցնել կը սպառնայ, այլ նաեւ Արտեմիս մեծ աստուածուհիի մեհեանին, որ ոչինչի պիտի վերածուի եւ պիտի նսեմացնէ մեծափառութիւնը Արտեմիսի, որ թէ՛ Ասիան եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհը կը պաշտեն։ Ասիկա լսելով՝ բարկութեամբ լեցուեցան եւ սկսան աղաղակել. –Մե՜ծ է Եփեսացիներու Արտեմիսը։ Ամբողջ քաղաքը իրար անցաւ։ Բոլորը միասին թատրոն խուժեցին, իրենց հետ քաշկռտելով Պօղոսի ուղեկիցները՝ Գայիոսն ու Մակեդոնացի Արիստարքոսը։ Երբ Պօղոս ուզեց հաւաքավայրը երթալ, Տիրոջ աշակերտածները չթողուցին։ Ասիապետներէն ոմանք ալ, որոնք իր բարեկամներն էին, մարդ ղրկեցին իրեն՝ աղաչելով որ թատրոն չերթայ։ Իսկ թատրոնին մէջ ամէն մէկը բան մը կը պոռար, որովհետեւ հաւաքոյթը շփոթի մատնուած էր. շատեր նոյնիսկ չէին գիտեր թէ ի՛նչ բանի համար հաւաքուած են։ Բազմութենէն ոմանք առաջ բերին Աղեքսանդրոսը, որ Հրեաներ առաջ քշեցին։ Աղեքսանդրոս ձեռքի շարժումով լռեցուց ամբոխը եւ կ՚ուզէր բացատրութիւն տալ հաւաքուած ժողովուրդին։ Բայց երբ գիտցան որ Հրեայ է՝ բոլորը միաբերան շուրջ երկու ժամ անդադար կը պոռային. –Մե՜ծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը։ Քաղաքին քարտուղարը ամբոխը լռեցուց եւ ըսաւ. –Ո՜վ Եփեսացիներ, կա՞յ մէկը որ չի գիտեր թէ Եփեսոսը պահապանն է մեծ Արտեմիսի մեհեանին եւ երկինքէն ինկած անոր պատկերին։ Ասիկա կարելի չէ ուրանալ։ Հետեւաբար լաւ կ՚ըլլայ որ հանդարտիք եւ անխորհուրդ բան մը չընէք։ Այդ մարդիկը հոս բերեր էք. բայց ո՛չ մեհեանը կողոպտեր են, ո՛չ ալ մեր աստուածուհիին հայհոյեր են։ Եթէ Դեմետրիոս եւ իր հետ եղող արհեստաւորները մէկու մը դէմ բողոք ունին՝ թող դատարան երթան. հոն դատաւորներ կան, թող անոնց առջեւ ամբաստանեն զիրար։ Իսկ եթէ ուրիշ բան է ձեր պահանջածը, օրինաւոր հաւաքոյթով պէտք է կարգադրուի։ Որովհետեւ իրօք կրնանք իբրեւ խռովարար ամբաստանուիլ այսօրուան այս պատահածին համար, քանի ոեւէարդարացում չունինք այս հաւաքոյթին համար։ Այս խօսքերով արձակեց բազմութիւնը։ Խռովութիւնը հանդարտելէն ետք, Պօղոս Տիրոջաշակերտածները կանչեց, յորդորեց զիրենք եւ հրաժեշտ առնելէ ետք՝ ելաւ Մակեդոնիա գնաց։ Իսկ այդ կողմերը շրջելէ եւ բազմաթիւ հանդիպումներով զանոնք յորդորելէ ետք՝ եկաւ Յունաստան։ Երեք ամիս հոն մնալէ ետք, երբ կ՚ուզէր նաւով Սուրիա երթալ՝ Հրեաները իրեն դէմ դաւ մը նիւթեցին։ Ուստի որոշեց Մակեդոնիայի վրայով վերադառնալ։ Իրեն կ՚ընկերանային՝ Բերիացի Պիռոսի որդի Սոպատրոսը, Թեսաղոնիկեցի Արիստարքոսն ու Սեկունդոսը, Դերբեցի Գայիոսը, Տիմոթէոսը եւ Ասիացի Տիքիկոսն ու Տրոֆիմոսը։ Ասոնք մեզմէ առաջ գացին եւ Տրովադայի մէջ մեզի կը սպասէին։ Իսկ մենք Բաղարջակերաց տօնի օրերը Փիլիպպէի մէջ անցուցինք, եւ ապա հոնկէ նաւ առնելով՝ հինգ օրէն իրենց միացանք Տրովադայի մէջ, ուր մնացինք եօթը օր։ Շաբաթ իրիկուն, մինչ հաւաքուած էինք հացը բեկանելու համար, Պօղոս խօսեցաւ անոնց, որովհետեւ յաջորդօր պիտի մեկնէր, եւ քարոզութիւնը երկարեց մինչեւ կէս գիշեր։ Բազմաթիւ լապտերներ կը լուսաւորէին այն վերնատունը, ուր հաւաքուած էինք։ Եւտիքոս անունով երիտասարդ տղայ մը պատուհանին մէջ նստած էր. երբ Պօղոս խօսքը երկարեց, Եւտիքոս հետզհետէ խոր քունի անցաւ եւ քունով տարուած՝ երրորդ յարկէն վար ինկաւ, եւ մեռած վերցուցին։ Պօղոս վար իջնելով՝ հակեցաւ անոր վրայ, զայն գրկեց եւ ըսաւ. –Ողբ ու կոծ մի՛ ընէք. հոգին վրան է։ Յետոյ վեր ելաւ, եւ հացը կտրելէ ու ճաշակելէ ետք՝ դեռ երկար խօսեցաւ անոնց, մինչեւ լուսաբաց, եւ ապա ելաւ գնաց։ Իսկ պատանին ողջամբ տուն տարին, եւ անչափօրէն մխիթարուեցան։ Իսկ մենք նաւ մտնելով՝ ճամբայ ելանք դէպի Ասսոս, ուր դարձեալ մեզի հետ պիտի առնէինք Պօղոսը։ Որովհետեւ այնպէս կարգադրած էր՝ որ ինք քալելով երթայ։ Երբ Ասսոսի մէջ մեզ գտաւ, զինք նաւ առինք եւ եկանք Միտիլինէ, ուրկէ շարունակելով՝ յաջորդ օրը Քիոսի քովէն անցանք, իսկ միւս օրը Սամոսը անցնելով՝ գիշերը Տրոգիլիոն մնացինք, եւ յաջորդ օր եկանք Միլետոս։ Արդարեւ Պօղոս որոշած էր Եփեսոս չհանդիպիլ, որպէսզի Ասիա նահանգին մէջ ժամանակ չկորսնցնէ, որովհետեւ կ՚աճապարէր՝ Պենտէկոստէի օրը Երուսաղէմ ըլլալու համար, եթէ կարենար։ Միլետոսէն Պօղոս լուր ղրկեց Եփեսոս եւ եկեղեցւոյ երէցները իր քով կանչեց։ Երբ անոնք եկան, ըսաւ անոնց. –Դուք անձամբ գիտէք, թէ Ասիա գալուս առաջին օրէն ի վեր ի՛նչպէս վարուեցայ ձեզի հետ, ամբողջ այս ժամանակամիջոցին։ Ամենայն խոնարհութեամբ եւ յաճախ արցունքով ծառայեցի Տիրոջ, Հրեաներուն նիւթած բոլոր փորձութիւնները կրելով։ Գիտէք, թէ բնաւ չքաշուեցայ ձեզմէ, օգտակար բաներու մասին խօսեցայ եւ սորվեցուցի ձեզի, հրապարակաւ ըլլայ թէ տուներու մէջ։ Թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ՛՛ հեթանոսներուն տուի նոյն վկայութիւնը եւ պատգամը՝ ապաշխարութեամբ Աստուծոյ դառնալու եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալու։ Հիմա, ահաւասիկ, Սուրբ Հոգիին մղումով Երուսաղէմ կ՚երթամ։ Չեմ գիտեր թէ հոն ի՛նչ պիտի պատահի ինծի։ Միայն գիտեմ, թէ ամէն մէկ քաղաքի մէջ Սուրբ Հոգին կ՚ազդարարէ ինծի՝ ըսելով թէ բանտարկութիւն եւ նեղութիւն կը սպասեն ինծի։ Բայց հոգս չէ. ինծի համար կարեւորը կեանքս չէ, այլ՝ կ՚ուզեմ ուրախութեամբ իր վախճանին հասցնել սկսած գործս, այն պաշտօնը որ Տէր Յիսուս տուաւ ինծի՝ Աստուծոյ շնորհքը աւետարանելու։ Հիմա գիտեմ, թէ այսուհետեւ պիտի չտեսնէք զիս։ Եկայ ձեզի բոլորիդ, շրջեցայ եւ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեցի, եւ ահաւասիկ կը յայտարարեմ այսօր՝ թէ խիղճս հանդարտ է, որովհետեւ առանց քաշուելու յայտնեցի ձեզի Աստուծոյ կամքը։ Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին։ Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց։ Որովհետեւ գիտեմ, թէ իմ մեկնումէս ետք յափշտակիչ գայլեր պիտի մտնեն ձեր մէջ, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։ Ձեր մէջէն եւս պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք սխալ բաներ պիտի ուսուցանեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար։ Հետեւաբար արթո՛ւն եղէք, յիշեցէք թէ ի՛նչպէս երեք տարի անդադար, գիշեր ու ցերեկ, արցունքով խրատեցի իւրաքանչիւրդ։ Եւ հիմա ձեզկը յանձնեմ Աստուծոյ եւ իր շնորհքի Աւետարանին, որ կրնայ ձեզ հոգեւորապէս աճեցնել եւ իր բոլոր սուրբերուն ժառանգակից դարձնել։ Ոեւէ մէկուն արծաթին, ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի։ Դուք ինքնին գիտէք, թէ իմ այս ձեռքերովս շահեցայ եւ հոգացի թէ՛ իմ եւ թէ՛ ընկերակիցներուս պէտքերը։ Եւ կեանքիս օրինակով ցոյց տուի՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ, թէ՝ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը»։ Իր խօսքը վերջացնելէ ետք, Պօղոս բոլորին հետ ծունկի եկաւ եւ աղօթեց։ Բոլորը սկսան լալ եւ Պօղոսի վիզին փաթթուելով կը համբուրէին զինք։ Կը մորմոքէին մանաւանդ անոր համար, որ կ՚ըսէր՝ թէ այլեւս զինք պիտի չտեսնեն։ Ապա անոր ընկերակցեցան մինչեւ նաւ։ Երբանոնցմէ բաժնուեցանք, նաւ ելանքեւուղիղ գծով հասանք Կոս։ Յաջորդ օր եկանք Ռոդոս, իսկ անկէ՝ Պատարա։ Այստեղ գտնելով նաւ մը որ Փիւնիկէ կ՚երթար, նաւ բարձրացանք ու ճամբայ ելանք։ Երբ Կիպրոսը երեւցաւ, զայն մեր ձախին ձգելով՝ դէպի Սուրիա նաւեցինք եւ իջանք Տիւրոս, որովհետեւ այնտեղ նաւը իր բեռները պիտի պարպէր։ Հոն Քրիստոսի հետեւորդներ գտանք եւ եօթը օր մնացինք այնտեղ։ Անոնք Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ Պօղոսին կ՚ըսէին որ Երուսաղէմ չերթայ։ Բայց երբ մեր օրերը լմնցան եւ ելանք երթալու համար, բոլորը մէկ՝ իրենց կիներով եւ զաւակներով մեզի ընկերացան մինչեւ քաղաքէն դուրս, եւ ծովեզերքը ծունկի գալով աղօթեցինք։ Ապա իրարմէ հրաժեշտ առինք եւ նաւ բարձրացանք, իսկ իրենք վերադարձան իրենց տուները։ Տիւրոսէն ելլելով, մեր նաւային ճամբորդութիւնը վերջացուցինք՝ հասնելով Պտոլեմայիս, ուր հաւատացեալ եղբայրները ողջունելով՝ մէկ օր իրենց քով մնացինք։ Իսկ յաջորդ օր հոնկէ ելլելով եկանք Կեսարիա, մտանք Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը, որ եօթը սարկաւագներէն մէկն էր, եւ հոն մնացինք։ Փիլիպպոս չորս աղջիկ ունէր, որոնք ամուսնացած չէին եւ մարգարէութիւն կ՚ընէին։ Բաւական ատեն հոն մնացեր էինք, երբ Հրէաստանէն Ագաբոս անունով մարգարէ մը եկաւ։ Ասիկա մեզի գալով՝ Պօղոսի գօտին առաւ եւ անով ինքն իր ոտքերն ու ձեռքերը կապելով, ըսաւ. –Սուրբ Հոգին այսպէս կ՚ըսէ. «Երուսաղէմի մէջ Հրեաներ այսպէս պիտի կապեն ու հեթանոսներու ձեռքը յանձնեն այն անձը՝ որուն կը պատկանի այս գօտին»։ Երբ ասիկա լսեցինք, թէ՛ մենք եւ թէ՛ տեղացիները՝ կ՚աղաչէինք որ Պօղոս Երուսաղէմ չերթայ։ Այն ատեն Պօղոս ըսաւ. –Ինչո՞ւ այդպէս կու լաք եւ իմ սիրտս ալ կը ճմլէք. որովհետեւ Տէր Յիսուսի սիրոյն համար ոչ միայն կապուելու, այլ մեռնելու իսկ պատրաստ եմ Երուսաղէմի մէջ։ Երբ չուզեց համոզուիլ՝լռեցինք. ըսինք. –Տիրոջ կամքը թող ըլլայ։ Քանի մը օր ետք պատրաստուեցանք եւ ճամբայ ելանք դէպի Երուսաղէմ։ Կեսարիայէն քանի մը հաւատացեալներ մեզի հետ եկան, մեզ տանելով Մնասոն անունով Կիպրացիի մը քով, որ Քրիստոսի առաջին հետեւորդներէն էր, եւ որուն հիւրը պիտի ըլլայինք։ Երբ Երուսաղէմ մտանք, հաւատացեալ եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ։ Յաջորդ օր, Պօղոս մեզի հետ միասին Յակոբոսի քով գնաց։ Եկան նաեւ բոլոր երէցները: Պօղոս զանոնք ողջունելէ ետք սկսաւ մէկ առ մէկ պատմել այն՝ ինչ որ Աստուած հեթանոսներուն մէջ իրականացուց իր գործակցութեամբ։ Իսկ անոնք լսելով՝ Աստուծոյ փառք կու տային։ Ապա ըսին իրեն. –Կը տեսնե՞ս, եղբայր, տասնեակ հազարաւոր Հրեայ հաւատացեալներ կան, եւ բոլորն ալ Օրէնքը պահելու նախանձախնդիր են։ Բայց քու մասիդ իմացեր են, որ հեթանոսներուն մէջ ապրող բոլոր Հրեաներուն կը սորվեցնես՝ որ Մովսէսի Օրէնքը թողուն. այսինքն կ՚ըսես՝ որ իրենց տղաքը չթլփատեն եւ իրենց սովորութիւնները չպահեն։ Արդ, ի՞նչ կարելի է ընել։ Ամէն պարագայի պիտի լսեն որ եկած ես, եւ բոլորը գլխուդ պիտի հաւաքուին։ Հետեւաբար եկուր, ինչ որ կ՚ըսենք՝ ըրէ՛։ Մեր քով չորս հոգիներ կան, որոնք ուխտ ըրած են։ Զանոնք հետդ առ եւ անոնց հետ միասին ծիսական արարողութեամբ սրբուէ, իրենց գլուխները ածիլելու ծախսերն ալ դուն տուր, որպէսզի մարդիկ գիտնան՝ թէ ինչ որ քու մասիդ իմացեր են՝ սխալ է. այլ՝ թէ դուն ալ Օրէնքը պահելու համաձայն ես։ Իսկ ինչ կը վերաբերի հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալներուն, մենք նամակով իրենց փոխանցեցինք մեր որոշումը՝ որ հեռու մնան կուռքերու զոհուած կերակուրներէ, արիւնէ, խեղդուած կենդանիներու միսէն եւ պոռնկութենէ։ Այն ատեն Պօղոս ուխտադիր մարդիկը առնելով՝ յաջորդ օր անոնց հետ սրբուելէ ետք մտաւ տաճար, իմացնելու համար թէ ե՛րբ է որ իրենց մաքրութեան օրերը պիտի լմննան, որպէսզի իւրաքանչիւրին համար որոշուած զոհը մատուցուի։ Ուխտի եօթը օրերը լմննալու վրայ էին, երբ Ասիա նահանգէն եկած Հրեաներ զայն տաճարին մէջ տեսնելով՝ ամբողջ բազմութիւնը անոր գլխուն ժողվեցին, եւ զայն բռնելով՝ կը պոռային. –Ո՜վ Իսրայէլացիներ, օգնեցէ՛ք. այս է այն մարդը՝ որ մեր ժողովուրդին, Օրէնքին եւ այս սրբավայրին դէմ կը խօսի ամէն տեղ եւ բոլորին։ Դեռ աւելին ըլլալով՝ հեթանոսներ մտցուց այս տաճարը եւ պղծեց այս սուրբ վայրը։ Ասիկա կ՚ըսէին, որովհետեւ նախապէս քաղաքին մէջ Եփեսացի Տրոֆիմոսը տեսեր էին իրեն հետ միասին եւ կը կարծէին թէ Պօղոս զայն տաճար մտցուցած է։ Ամբողջ քաղաքը ոտքի ելաւ։ Ահագին ժողովուրդ խռնուեցաւ։ Պօղոսը բռնեցին տաճարէն դուրս քաշեցին, եւ անմիջապէս տաճարին դռները փակուեցան։ Երբ կ՚ուզէին զայն սպաննել, գունդի հազարապետին լուր հասաւ, թէ ամբողջ Երուսաղէմը իրար անցած է։ Անմիջապէս զինուորներ ու հարիւրապետներ առնելով խուժեց անոնց վրայ։ Անոնք հազարապետն ու զինուորները տեսնելով՝ դադրեցան Պօղոսը ծեծելէ։ Այն ատեն հազարապետը մօտեցաւ, բռնեց զայն եւ հրամայեց որ զոյգ շղթաներով կապեն։ Ապա սկսաւ հարցնել թէ ո՞վ է եւ ի՞նչ ըրած է։ Բազմութեան մէջէն ամէն մէկը բան մը կը պոռար։ Աղմուկին պատճառով չկարենալով ստոյգ բան մը գիտնալ, հրամայեց որ զայն զօրանոց տանին։ Երբ Պօղոս զօրանոցին աստիճաններուն հասաւ, զինուորները զինք վեր բարձրացուցած տարին՝ ամբոխին վայրագութեան պատճառով, որովհետեւ ժողովուրդին բազմութիւնը իրեն կը հետեւէր, պոռալով. –Մէջտեղէն վերցո՛ւր զայն։ Զօրանոց մտնելու վրայ էին, երբ Պօղոս հազարապետին ըսաւ. –Կրնա՞մ քեզի բան մը ըսել։ Իսկ անիկա հարցուց. –Ուրեմն Յունարէն գիտե՞ս։ Դուն այն Եգիպտացին չե՞ս, որ ասկէ կարճ ժամանակ մը առաջ ապստամբելով՝ չորս հազար զինուած մարդասպաններ ետեւէդ անապատ քաշեցիր։ Պօղոս պատասխանեց. –Ես Հրեայ մարդ մըն եմ, Տարսոնցի, Կիլիկիայէն. այսինքն՝ աննշան քաղաքի մը քաղաքացի չեմ։ Խնդրեմ, արտօնէ որ խօսիմ ժողովուրդին։ Երբ հազարապետը արտօնեց, Պօղոս աստիճաններուն վրայ կանգնեցաւ, ձեռքով ժողովուրդին նշան ըրաւ որ լուռ կենան, եւ երբ մեծ լռութիւն տիրեց՝ սկսաւ Եբրայերէն լեզուով խօսիլ, ըսելով. Մարդի՛կ, եղբայրներ եւ հայրեր, լսեցէ՛քինչ որ ձեզի պիտի ըսեմ՝ իբրեւ պատասխան ձեր ամբաստանութեանց։ Երբ լսեցին որ Եբրայերէն լեզուով կը խօսի իրենց, աւելի լուռ կեցան։ Եւ Պօղոս շարունակեց. – Ես Հրեայ մարդ մըն եմ՝ Կիլիկիայի Տարսոն քաղաքը ծնած, բայց սնած այս քաղաքին մէջ, Գամաղիէլի ձեռքին տակ եւ մեր հայրենի ճշգրիտ Օրէնքով դաստիարակուած։ Ես նոյնքան նախանձախնդրութեամբ նուիրուած էի Աստուծոյ՝ որքան դուք բոլորդ այսօր։ Ա՛յնքան նախանձախնդիր էի, որ այս վարդապետութեան հետեւողները հալածեցի մինչեւ մահ, ձերբակալելով եւ բանտ նետել տալով այր թէ կին, ինչպէս քահանայապետը եւ ամբողջ ծերակոյտը կրնան վկայել, որովհետեւ իրենցմէ նամակներ առած էի՝ Դամասկոսի մեր եղբայրներուն ուղղուած, եւ հոն կ՚երթայի՝ Դամասկոս եղողներն ալ ձերբակալելու եւ Երուսաղէմ բերելու համար, որպէսզի պատժուին։ Բայց գացած ատեն, մինչ Դամասկոսի կը մօտենայի, կէսօրուան մօտ, յանկարծ երկինքէն սաստիկ լոյս մը փայլատակեց չորս դիս։ Գետին ինկայ, եւ լսեցի ձայն մը որ ինծի կ՚ըսէր. «Սաւու՛ղ, Սաւու՛ղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս»։ Հարցուցի. «Ո՞վ ես, Տէ՛ր»։ Եւ ըսաւ. «Ես Նազովրեցի Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես»։ Հետս եղողները լոյսը կը տեսնէին, բայց ինծի հետ խօսող ձայնը չէին լսեր։ Ըսի իրեն. «Ի՞նչ ընեմ, Տէ՛ր»։ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ե՛լ, Դամասկոս գնա, եւ հոն քեզի պիտի ըսուի ինչ որ սահմանած եմ որ ընես»։ Լոյսին փայլատակումէն այլեւս չէի տեսներ. ուստի հետս եղողները ձեռքէս բռնելով տարին, եւ մտայ Դամասկոս։ Այնտեղ Օրէնքը պահող բարեպաշտ մարդ մը կար, Անանիա անունով, որուն մասին հոն բնակող բոլոր Հրեաներն ալ լաւ կը վկայէին։ Այս մարդը ինծի եկաւ եւ քովս կանգնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, վե՛ր նայէ, տե՛ս»։ Նոյն վայրկեանին տեսողութիւնս վերագտայ եւ նայեցայ իրեն։ Այն ատեն ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը սկիզբէն քեզ ընտրեց՝ ուզելով որ իր կամքը ճանչնաս, Արդարը տեսնես եւ անոր ձայնը լսես՝ իր իսկ բերնէն, որպէսզի բոլոր մարդոց քով իր վկան դառնաս, պատմելով ինչ որ տեսար եւ լսեցիր։ Իսկ հիմա ինչո՞ւ կ՚ուշանաս. ե՛լ, մկրտուէ՛ եւ լուա՛ մեղքերդ՝ իրեն աղօթելով»։ Երուսաղէմ վերադարձիս, երբ որ տաճարին մէջ կ՚աղօթէի, մտքի յափշտակութեան մէջ ինկայ եւ տեսայ Տէրը, որ ինծի կ՚ըսէր. «Աճապարէ՛, շուտով Երուսաղէմէն դուրս ել, որովհետեւ պիտի չընդունին այն վկայութիւնը որ ինծի համար կու տաս»։ Եւ ես ըսի. «Տէ՛ր, իրենք լաւ գիտեն՝ թէ ես էի որ բանտարկել եւ ժողովարաններուն մէջ գանահարել կու տայի քեզի հաւատացողները. եւ երբ քու վկայիդ՝ Ստեփանոսի արիւնը կը թափէին՝ ես ալ իրենց կողքին էի, անոր մահը պահանջողներէն մէկն էի եւ սպաննողներուն վերարկուները ե՛ս բռնած էի»։ Բայց Տէրը ինծի ըսաւ. «Գնա՛, որովհետեւ ես քեզ հեռաւոր ազգերուն պիտի ղրկեմ»։ Մինչեւ ասիկա ըսելը՝ մտիկ կ՚ընէին զինք. բայց ասոր վրայ՝ իրենց ձայնը բարձրացուցին, պոռալով. –Աշխարհէն վերցո՛ւր այս մարդը, որովհետեւ ասանկ մէկը պէտք չէ՛ ողջ մնայ։ Երբ սկսան պոռչտալ, իրենց վերարկուները օդին մէջ շարժել եւ փոշի առնելով օդը նետել, հազարապետը հրամայեց որ զայն զօրանոց մտցնեն, պատուիրելով՝ որ ծեծով հարցաքննեն զայն, գիտնալու համար թէ ի՞նչ յանցանքի համար այդպէս կ՚աղաղակէին անոր դէմ։ Երբ կաշիէ կապերով զինք պրկեցին, Պօղոս վերակացու հարիւրապետին ըսաւ. –Հռոմայեցի եւ անմեղ մարդ մը գանակոծելու իրաւունք ունի՞ք։ Հարիւրապետը երբ ասիկա լսեց՝ եկաւ հազարապետին պատմեց, ըսելով. –Ի՞նչ կ՚ուզես որ ընենք. քանի այս մարդը Հռոմայեցի է։ Հազարապետը Պօղոսի քով եկաւ եւ հարցուց. –Ըսէ՛ ինծի, Հռոմայեցի՞ ես։ Եւ երբ Պօղոս «Այո» պատասխանեց, հազարապետը ըսաւ. –Ես մեծ գումարով ձեռք բերած եմ այս քաղաքացիութիւնը։ Պօղոս պատասխանեց. –Իսկ ես ծնունդով Հռոմայեցի եմ։ Ասոր վրայ, անոնք որ զինք ծեծով պիտի հարցաքըննէին՝ անմիջապէս հեռացան. իսկ հազարապետը անոր Հռոմայեցի ըլլալը գիտնալով՝ վախցաւ, որովհետեւ զայն կապել տուած էր։ Յաջորդ օր, հազարապետը ուզելով ստոյգ կերպով գիտնալ թէ Հրեաներ ինչո՛վ կ՚ամբաստանեն Պօղոսը, արձակել տուաւ անոր կապերը եւ հրամայեց կանչել աւագ քահանաներն ու ամբողջ Ատեանը ։ Ապա Պօղոսը զօրանոցէն վար իջեցնելով՝ անոնց դիմաց կանգնեցուց։ Պօղոս աչքերը Ատեանին յառելով՝ ըսաւ. –Եղբայրնե՛ր, մինչեւ այսօր ես կատարելապէս հանդարտ խիղճով ապրած եմ Աստուծոյ առջեւ։ Անանիա քահանայապետը սպասաւորներուն հրամայեց որ անոր բերանին զարնեն։ Այն ատեն Պօղոս ըսաւ անոր. –Թող Աստուած քեզի զարնէ, ճերմկցուա՛ծ պատ. նստեր ես՝ Օրէնքով զիս դատելու համար, եւ ապօրէն հրաման կու տաս որ զարնե՞ն ինծի։ Սպասաւորները ըսին. –Աստուծոյ քահանայապե՞տը կը նախատես։ Եւ Պօղոս ըսաւ. –Եղբայրնե՛ր, չէի գիտեր որ քահանայապետ է. որովհետեւ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Քու ժողովուրդիդ առաջնորդին դէմ չարախօսութիւն մի՛ ըներ»։ Երբ Պօղոս գիտցաւ, որ Ատեանին մէկ կողմը Սադուկեցիներն են, իսկ միւս կողմը՝ Փարիսեցիները, սկսաւ աղաղակել. –Եղբայրնե՛ր, ես Փարիսեցի եմ եւ Փարիսեցիներու զաւակ. եւ եթէ կը դատուիմ ահա՝ մեռելներու յարութեան յոյսը ունենալուս համար է։ Ասիկա ըսելուն պէս՝ Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու միջեւ երկպառակութիւն ինկաւ եւ բազմութիւնը երկուքի բաժնուեցաւ։ Որովհետեւ մինչ Սադուկեցիներ կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ, ո՛չ ալ հրեշտակ կամ հոգի կայ, Փարիսեցիները այս բոլորը կ՚ընդունին։ Մեծ աղմուկ բարձրացաւ։ Փարիսեցիներու կողմէն կարգ մը Օրէնքի ուսուցիչներ ոտքի ելան եւ ընդդիմախօսելով՝ կ՚ըսէին. –Մենք այս մարդուն վրայ յանցանք մը չենք գտներ։ Հա՞պա եթէ հոգի մը կամ հրեշտակ մը իրեն խօսած ըլլայ…։ Երբ իրարանցումը շատցաւ, հազարապետը վախնալով որ Պօղոսը կտոր–կտոր ընեն՝ հրամայեց իր զինուորներուն՝ որ իջնեն եւ Պօղոսը անոնց մէջէն խլեն ու զօրանոց տանին։ Յաջորդ գիշեր Տէրը Պօղոսի քով եկաւ եւ ըսաւ. –Պօղո՛ս, քա՛ջ եղիր, որովհետեւ ինչպէս որ այստեղ՝ Երուսաղէմի մէջ վկայեցիր ինծի համար, այնպէս ալ Հռոմի մէջ պիտի վկայես։ Յաջորդ առաւօտ, կարգ մը Հրեաներ իրարու քով եկան եւ իրենք զիրենք նզովքի տակ դնելով՝ երդում ըրին չուտել ու չխմել՝ մինչեւ չսպաննեն Պօղոսը։ Քառասուն հոգիէն աւելի էին այս երդումը ընողները։ Ասոնք մօտեցան աւագ քահանաներուն ու երէցներուն եւ ըսին. –Մենք մեզ նզովքի տակ դնելով երդում ըրինք՝ բան չճաշակել, մինչեւ Պօղոսը չսպաննենք։ Դուք Ատեանին անունով հազարապետին լուր ղրկեցէք որ զայն ձեզի ղրկէ, պատճառաբանելով՝ թէ կ՚ուզէք իր մասին աւելի ստոյգ տեղեկութիւն ունենալ։ Իսկ մենք պատրաստ կ՚ըլլանք արդէն եւ տակաւին հոս չհասած՝ կը սպաննենք զինք։ Պօղոսի քրոջ տղան այս դաւադրութիւնը իմանալով, եկաւ զօրանոց եւ Պօղոսին պատմեց։ Պօղոս հարիւրապետներէն մէկը կանչելով, ըսաւ. –Այս պատանին հազարապետին տար, որովհետեւ իրեն ըսելիք մը ունի։ Հարիւրապետը զայն հազարապետին տարաւ եւ ըսաւ. –Բանտարկեալ Պօղոսը զիս կանչեց եւ խնդրեց որ այս պատանին քեզի բերեմ, որովհետեւ քեզի ըսելիք մը ունի։ Հազարապետը պատանիին ձեռքէն բռնելով մէկ կողմ տարաւ եւ հարցուց. –Ի՞նչ ունիս ինծի ըսելիք։ Պատանին ըսաւ. –Հրեաները համաձայնեցան քեզմէ խնդրել, որ վաղը Պօղոսը Ատեան ղրկես, որպէս թէ աւելի մանրակրկիտ հարցուփորձելու համար զայն։ Բայց մտիկ մի՛ ըներ իրենց. որովհետեւ իրենց մէջէն քառասունէ աւելի մարդիկ իրենք զիրենք նզովքի տակ դնելով երդում ըրած են չուտել ու չխմել՝ մինչեւ չսպաննեն զայն. եւ հիմա դարան մտած ու պատրաստ՝ կը սպասեն քու հրամանիդ։ Հազարապետը պատանին ճամբեց, պատուիրելով. –Ոեւէ մէկուն մի՛ ըսեր ինչ որ ինծի յայտնեցիր։ Ապա հազարապետը հարիւրապետներէն երկու հոգի կանչելով, ըսաւ. –Երկու հարիւր հետեւակ, եօթանասուն հեծեալ եւ երկու հարիւր տիգաւոր զինուորներ թող պատրաստ ըլլան գիշերուան ժամը իննին դէպի Կեսարիա ճամբայ ելլելու։ Պօղոսին համար ալ գրաստ պատրաստեցէք եւ զայն ապահով կերպով Ֆելիքս կառավարիչին հասցուցէք։ Նամակ մըն ալ գրեց, հետեւեալ բովանդակութեամբ.– «Կլաւդիոս Լիսիասի կողմէ՝ նորէն գերազանցութիւն Ֆելիքս կառավարիչին։ Ողջոյն»։ « Հրեաներ բռներ էին այս մարդը եւ զինք սպաննելու վրայ էին։ Իմանալով որ Հռոմայեցի է, վրայ հասայ եւ զինք ազատեցի։ Ուզեցի գիտնալ թէ ի՛նչ յանցանքով կ՚ամբաստանեն զինք. ուստի իրենց Ատեանը տարի զինք. եւ հասկցայ թէ իրենց Օրէնքին վերաբերող խնդիրներու համար կ՚ամբաստանեն. այսինքն՝ մահուան կամ բանտարկութեան արժանի յանցանք մը չունի։ Բայց երբ ինծի իմացուցին՝ թէ Հրեաներ դաւ մը լարած են իր կեանքին դէմ, զայն իսկոյն քեզի՛ ղրկեցի, հրամայելով որ ամբաստանողները քեզի ներկայացնեն իրենց ըսելիքները։ Ողջ եղիր»։ Հազարապետին հրամանին համաձայն, հետեւակ զինուորները առին Պօղոսը եւ գիշերով Անտիպատրիս փոխադրեցին, եւ յաջորդ օրը զայն իրենց ընկերացող հեծեալներուն յանձնելով՝ իրենք զօրանոց վերադարձան։ Հեծեալները Կեսարիա հասան եւ նամակը կառավարիչին տալով՝ Պօղոսն ալ անոր ներկայացուցին։ Կառավարիչը նամակը կարդաց եւ Պօղոսին հարցուց թէ կայսրութեան ո՛ր նահանգէն է. եւ հասկնալէ ետք թէ Կիլիկիայէն է, ըսաւ. –Երբ որ քեզ ամբաստանողները գան՝ կը լսեմ քեզ։ Եւ հրամայեց որ զայն Հերովդէսի ապարանքին մէջ պահեն։ Հինգ օր ետք, Անանիա քահանայապետ քանի մը երէցներու եւ Տերտուղոս անունով փաստաբանի մը հետ միասին եկաւ Կեսարիա, եւ Պօղոսի դէմ իրենց ամբաստանութիւնը ներկայացուցին կառավարիչին։ Երբ Պօղոս կանչուեցաւ, Տերտուղոս սկսաւ իր ամբաստանութիւնը ընել, ըսելով. –Ձերդ գերազանցութիւն Ֆելիքս։ Այս ազգը քու ձեռքովդ երկար խաղաղութիւն վայելած եւ քու խնամքներովդ բարեկարգ վիճակի հասած է։ Ասոր համար ամէն ձեւով եւ ամէն տեղ երախտապարտ եւ խորապէս շնորհակալ ենք քեզի։ Բայց որպէսզի շատ չձանձրացնեմ քեզ, կը խնդրեմ որ քու ազնուութեամբդ լսես ինչ որ համառօտ կերպով պիտի ըսենք։ Մեզի համար այս մարդը աղէտ մըն է։ Ապստամբութիւն կը հրահրէ ամբողջ աշխարհի Հրեաներուն մէջ եւ Նազովրեցիներու աղանդին պարագլուխն է։ Սա փորձեց նաեւ տաճարը պղծել ։ Ուստի բռնեցինք զինք եւ մեր Օրէնքին համաձայն դատել ուզեցինք. բայց Լիսիաս հազարապետը վրայ հասնելով՝ մեծ բռնութեամբ զայն մեր ձեռքէն խլեց, հրամայելով՝ որ զայն ամբաստանողները քեզի գան։ Այս բոլորին մասին կրնաս զինք ալ հարցաքննել եւ վերահասու ըլլալ այն բոլորին՝ որոնց համար զինք կ՚ամբաստանենք։ Հրեաները միաբերան հաստատեցին, ըսելով. –Ըսածները բոլորը ճիշդ են։ Երբ կառավարիչը գլուխով նշան ըրաւ, Պօղոս հետեւեալ ձեւով պատասխանեց. –Գիտեմ որ երկար տարիներէ ի վեր դատաւոր եղած ես այս ազգին, ատոր համար ալ յօժարութեամբ կը պատասխանեմ ինծի դէմ եղած ամբաստանութիւններուն։ Կրնաս ստուգել, որ հազիւ տասներկու օր կ՚ընէ Երուսաղէմ գալս՝ Աստուծոյ երկրպագելու համար։ Եւ ոեւէ մէկը չէ տեսած մէկու մը հետ վիճիլս կամ ամբոխավարութիւն ընելս՝ ո՛չ տաճարին մէջ, ո՛չ ժողովարաններուն մէջ եւ ո՛չ ալ քաղաքին մէջ. ոչ ալ կրնան ոեւէ ապացոյց բերել այն ամբաստանութիւններուն համար՝ որ ինծի դէմ կ՚ընեն հիմա։ Կը վստահեցնեմ քեզ, որ ես ալ մեր հայրենի Աստուածը կը պաշտեմ, բայց նոր ուղղութեամբ մը՝ որ իրենք «աղանդ» կը կոչեն։ Կը հաւատամ այն բոլորին որ գրուած են Օրէնքին եւ մարգարէութեանց մէջ, եւ Աստուծմով այն յոյսը ունիմ՝ ինչպէս ասոնք իրենք ալ կ՚ընդունին՝ թէ բոլոր մեռելները, թէ՛ արդարներ եւ թէ՛ մեղաւորներ, յարութիւն պիտի առնեն։ Ատոր համար ալ կ՚աշխատիմ որ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ՛ մարդոց հանդէպ խիղճս միշտ մաքուր ըլլայ։ Երկար տարիներ Երուսաղէմէն հեռու մնալէ ետք, եկայ իմ ազգիս դրամական օգնութիւն բերելու եւ զոհեր մատուցանելու։ Եւ զիս տաճարին մէջ տեսան, երբ ծիսական արարողութեամբ սրբուելէ ետք զոհերս կը մատուցանէի։ Ո՛չ ամբոխ կար քովս, ո՛չ ալ իրարանցում, բացի Ասիա նահանգէն եկած քանի մը Հրեաներէ, որոնք պէտք էր իրենք գային ներկայանային քեզի եւ ամբաստանէին զիս, եթէ ինծի դէմ բան մը ունէին։ Կամ ասոնք իրենք թող ըսեն՝ ի՞նչ յանցանք գտան վրաս, երբ իրենց Ատեանին դիմաց կանգնած էի, բացի այն միակ յայտարարութենէն որ բարձրաղաղակ կատարեցի իրենց դիմաց, ըսելով՝ «Մեռելներու յարութեան յոյսը ունենալուս համար է որ այսօր ձեր կողմէ կը դատուիմ»։ Ֆելիքս, որ քրիստոնէական վարդապետութեան մասին շատ ստոյգ տեղեկութիւններ ունէր, յետաձգեց ունկնդրութիւնը, ըսելով. –Երբ Լիսիաս հազարապետը հասնի՝ կը վճռեմ ձեր հարցը։ Իսկ հարիւրապետին հրամայեց, որ Պօղոսը հսկողութեան տակ պահէ՝ որոշ ազատութիւն տալով, եւ արգելք չըլլայ որ բարեկամներ ու ծանօթներ անոր պէտքերը հոգան։ Կարճ ժամանակ մը ետք, Ֆելիքս եկաւ իր կնոջ՝ Դրուսիլլայի հետ, որ Հրեայ էր, եւ կանչել տալով Պօղոսը, ուզեց անկէ լսել Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին մասին։ Բայց երբ Պօղոս սկսաւ արդարութեան, ժուժկալութեան եւ գալիք դատաստանին մասին խօսիլ, Ֆելիքս վախով բռնուած՝ ըսաւ. –Առայժմ գնա՛, ուրիշ առիթով դարձեալ կը կանչեմ քեզ։ Նոյն ատեն յոյս ունէր, որ Պօղոս դրամ կու տայ իրեն։ Ատոր համար ալ շատ յաճախ կանչել կու տար զայն եւ կը խօսէր անոր հետ։ Լման երկու տարի անցնելէն ետք, Ֆելիքսի յաջորդեց Պորկիոս Ֆեստոս։ Ֆելիքս Հրեաներուն վերջին շնորհք մը ընելու համար՝ Պօղոսը բանտարկուած թողուց։ Կուսակալութեան իր շրջանը հասնելէն երեք օր ետք, Ֆեստոս Կեսարիայէն Երուսաղէմ գնաց։ Աւագ քահանաներն ու Հրեայ մեծամեծները Պօղոսի դէմ իրենց ամբաստանութիւնները ներկայացուցին անոր, եւ իբրեւ շնորհք՝ խնդրեցին իրմէ, որ Պօղոսը Երուսաղէմ ղրկէ, միւս կողմէ դարան լարելով՝ որ զայն ճամբու վրայ սպաննեն։ Բայց Ֆեստոս պատասխանեց՝ թէ Պօղոսը Կեսարիա պիտի պահուի, եւ թէ արդէն ինք ալ անմիջապէս հոն պիտի դառնայ։ – Ուստի,– ըսաւ,– ձեզմէ անոնք որ կրնան՝ թող ինծի հետ Կեսարիա գան, եւ եթէ այդ մարդը յանցանք մը ունի՝ հոն թող ամբաստանեն զայն։ Եւ հազիւ ութը կամ տասը օր հոն կեցած՝ դարձեալ իջաւ Կեսարիա։ Յաջորդ օր, Ֆեստոս ատեան նստելով՝ հրամայեց որ Պօղոսը բերեն։ Երբ Պօղոս հասաւ, Երուսաղէմէն եկած Հրեաները անոր շուրջը կեցան եւ զայն կ՚ամբաստանէին բազմաթիւ ծանր յանցանքներով, որոնք սակայն չէին յաջողեր ապացուցանել։ Որովհետեւ Պօղոս կը պատասխանէր, ըսելով. –Ես ո՛չ հրէական Օրէնքին, ո՛չ տաճարին եւ ո՛չ ալ կայսրին դէմ յանցանք մը գործած եմ։ Իսկ Ֆեստոս ուզելով Հրեաներուն շնորհք մը ընել՝ Պօղոսի առաջարկեց, ըսելով. –Կ՚ուզե՞ս Երուսաղէմ երթալ եւ այդ հարցերուն համար իմ ներկայութեանս հոն դատուիլ։ Պօղոս պատասխանեց. –Կայսրին ատեանը կանգնած եմ եւ պէտք է այստեղ դատուիմ։ Հրեաներուն դէմ յանցանք մը չեմ գործած, ինչպէս դուն լաւ գիտես։ Հետեւաբար, եթէ յանցաւոր եմ եւ մահուան արժանի բան մը գործած եմ՝ մեռնելէ չեմ վախնար։ Բայց եթէ անհիմն են իմ մասիս իրենց կատարած ամբաստանութիւնները, ոեւէ մէկը չի կրնար զիս ասոնց յանձնել։ Կայսրին կը բողոքեմ։ Այն ատեն Ֆեստոս իր խորհրդականին կարծիքը առնելէ ետք՝ ըսաւ. –Կայսրին բողոքեցիր, ուրեմն կայսրին պէտք է երթաս։ Ժամանակմըետք, Հրեաներու Ագրիպպաս թագաւորը եւ քոյրը՝ Բերնիկէ, Կեսարիա հասան՝ Ֆեստոսի բարի գալուստ մաղթելու։ Մինչ երկար ժամանակով հոն կը մնային, առիթով մը Ֆեստոս Պօղոսի մասին խօսեցաւ թագաւորին, ըսելով. –Ֆելիքսի օրերէն մնացած բանտարկեալ մը կայ այստեղ։ Երբ Երուսաղէմ կը գտնուէի, Հրեաներու աւագ քահանաներն ու երէցները ամբաստանութիւն ըրին իրեն դէմ, խնդրելով որ մահուան դատապարտուի։ Իրենց պատասխանեցի, որ Հռոմայեցիներ սովորութիւն չունին մէկը մահուան դատապարտելու՝ մինչեւ ամբաստանեալը իր դիմացը չունենայ ամբաստանողները եւ իրեն պատեհութիւն չտրուի՝ ամբաստանութեան դէմ ինքզինք պաշտպանելու։ Ուստի երբ հետս հոս հասան՝ առանց ժամանակ կորսնցնելու, յաջորդ օրն իսկ ատեան նստայ եւ հրամայեցի որ Պօղոսը բերեն։ Ամբաստանողները եկան, բայց իմ մտքէս անցած ծանր ամբաստանութիւններէն ոեւէ մէկը չըրին անոր մասին. այլ՝ անոր դէմ իրենց խնդիրները իրենց կրօնքին կը վերաբերէին, ինչպէս նաեւ Յիսուս անունով մեռած մարդու մը, որուն համար Պօղոս կ՚ըսէր՝ թէ ողջ է։ Երբ տեսայ որ այդ խնդիրներուն քննութիւնը իմ գործս չէ, հարցուցի՝ թէ կ՚ուզէ՞ Երուսաղէմ երթալ եւ հոն դատուիլ այդ բաներուն համար։ Բայց երբ Պօղոս բողոքելով՝ օգոստափառ կայսրին վճիռին դիմելու կոչ ուղղեց, հրամայեցի որ զայն պահեն՝ մինչեւ որ զինք կայսրին ղրկեմ։ Ագրիպպաս ըսաւ Ֆեստոսի. –Ես ալ պիտի ուզէի այդ մարդը լսել։ –Վաղն իսկ կը լսես զինք,– պատասխանեց Ֆեստոս։ Յաջորդ օր, երբ Ագրիպպաս ու Բերնիկէ մեծ շուքով եկան եւ հազարապետներուն ու քաղաքին երեւելիներուն հետ մտան ունկնդրութեանց սրահը, Ֆեստոսի հրամանով Պօղոսը բերին։ Ֆեստոս ըսաւ. –Ագրիպպաս արքայ եւ դուք՝ մեզի հետ ներկայ մարդիկ. կը տեսնէք այս մարդը, որուն համար Հրեաներ մեծ բազմութեամբ ինծի դիմեցին, թէ՛ Երուսաղէմի մէջ եւ թէ՛ այստեղ, աղաղակելով՝ թէ այս մարդը պէտք չէ այլեւս ողջ մնայ։ Ես հասկցայ, որ մահուան արժանի բան մը չէ ըրած։ Բայց երբ ինքը օգոստափառ կայսրին վճիռին դիմելու կոչ ուղղեց՝ որոշեցի ղրկել։ Միայն թէ տակաւին յստակ չեմ գիտեր այս մասին ի՛նչ գրեմ օգոստափառ տիրոջս։ Ահա թէ ինչու՝ զայն բերի ձեր առջեւ, եւ յատկապէս քու առջեւդ, Ագրիպպաս արքայ, որպէսզի վերստին հարցաքննելով՝ գրելիք մը ունենամ։ Որովհետեւ ինծի անպատեհ կը թուի բանտարկեալ մը ղրկել՝ առանց իր մասին յանցանք մը նշելու։ Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսի. –Արտօնուած ես քու մասիդ խօսելու։ Այն ատեն Պօղոս ձեռքը պարզելով՝ սկսաւ իր պաշտպանողականը ընել։ – Ինքզինքս շատ բախտաւոր կը համարեմ, Ագրիպպա՛ս արքայ, որ քու առջեւդ է որ այսօր ինքզինքս կը պաշտպանեմ այն բոլորին համար՝ որոնցմով Հրեաներ զիս կ՚ամբաստանեն։ Մանաւանդ անոր համար՝ որ Հրեաներու բոլոր կրօնական սովորութիւններուն ու խնդիրներուն լաւ տեղեակ ես։ Հետեւաբար կ՚աղաչեմ որ համբերութեամբ լսես զիս։ Բոլոր Հրեաները գիտեն կենսագրութիւնս, մանկութենէս ի վեր։ Գիտեն թէ սկիզբէնի վեր ի՛նչպէս ապրած եմ, թէ՛ ծննդավայրիս մէջ եւ թէ՛ Երուսաղէմի։ Դարձեալ հինէն ի վեր գիտեն, եթէ ուզեն այդ մասին վկայել, թէ շատ կանուխէն պատկանած եմ մեր կրօնքին խստագոյն գործադրութիւնը պահանջող խմբակցութեան, Փարիսեցի մը ըլլալով։ Եւ հիմա ատեան կանգնած կը դատուիմ այն յոյսին համար՝ որ Աստուած մեր հայրերուն տալ խոստացաւ, եւ որուն հասնելու համար մեր տասներկու ցեղերը գիշեր–ցերեկ անդադար յոյսով կ՚աղօթեն։ Այդ յոյսին համար է որ Հրեաներուն կողմէ կ՚ամբաստանուիմ, ո՛վ արքայ։ Ինչո՞ւ անհաւատալի կը թուի ձեզի, որ Աստուած մեռելները կը յարուցանէ։ Ես ինքս ալ, օրինակ, ես ինծի կը խորհէի՝ թէ ամէն ձեւով պէտք է Յիսուս Նազովրեցիի անունին դէմ պայքարիմ։ Եւ այդպէս ալ ըրի Երուսաղէմի մէջ։ Սուրբերէն շատերը բանտերու մէջ արգելափակել կու տայի, այն իշխանութեամբ՝ որ աւագ քահանաներէն առած էի, եւ անոնց սպանութեան իմ հաւանութիւնս ալ կու տայի։ Բոլոր ժողովարաններուն մէջ բազմաթիւ անգամներ զանոնք պատժել տալով՝ կը ստիպէի որ ուրանան Յիսուսը. եւ անոնց դէմ իմ անսահման մոլուցքիս մէջ՝ մինչեւ իսկ մեր երկրէն դուրս գտնուող քաղաքներուն մէջ ալ կը հալածէի զանոնք։ – Ճիշդ այդ նպատակով, երբ աւագ քահանաներուն տուած իշխանութեամբ եւ յանձնարարութեամբ Դամասկոս կ՚երթայի, ճամբու ընթացքին, կէսօր ատեն տեսայ, ո՛վ արքայ, արեւէն աւելի զօրաւոր լոյս մը՝ որ երկինքէն փայլատակեց իմ եւ հետս գացողներուն շուրջը։ Երբ բոլորս ալ գետին ինկանք, լսեցի ձայն մը՝ որ Եբրայերէն լեզուով ինծի կ՚ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես։ Չես կրնար խթանի դէմ աքացել»։ Հարցուցի՝ «Ո՞վ ես, Տէ՛ր»։ Եւ Տէրը պատասխանեց. «Ես այն Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես։ Հիմա ե՛լ, ոտքի՛ կանգնէ, որովհետեւ քեզի երեւցայ՝ որպէսզի քեզ ինծի օգնական դարձնեմ եւ վկայ՝ տեսածներուդ եւ դեռ տեսնելիքներուդ, որոնցմով պիտի երեւիմ քեզի։ Քեզ պիտի ազատեմ այս ժողովուրդին ձեռքէն, ինչպէս նաեւ հեթանոսներէն, որոնց մէջ պիտի ղրկեմ քեզ՝ որպէսզի անոնց աչքերը բանաս, զանոնք խաւարէն դէպի լոյս եւ Սատանայի իշխանութենէն դէպի Աստուած դարձնես, որպէսզի իրենց մեղքերուն թողութիւն գտնեն եւ ինծի հաւատալով՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ բաժին ունենան»։ – Ուստի, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, անհնազանդ չուզեցի ըլլալ երկնաւոր տեսիլքին, եւ նախ Դամասկոսի եւ Երուսաղէմի մէջ բնակողներուն, ապա ամբողջ Հրէաստանի գաւառներուն մէջ գտնուողներուն եւ հեթանոսներուն քարոզեցի՝ որ ապաշխարեն եւ Աստուծոյ դառնան, եւ իրենց գործերով ցոյց տան թէ ապաշխարած են։ Այս պատճառով է որ Հրեաներ զիս ձերբակալեցին, երբ տաճարին մէջ կը գտնուէի, եւ փորձեցին զիս սպաննել։ Սակայն մինչեւ այսօր Աստուած օգնեց ինծի, եւ ահա այստեղ կանգնած եմ՝ մեծին ու փոքրին վկայելու համար։ Իմ ըսածներուս մէջ չկայ բան մը որ մարգարէները եւ Մովսէս ըսած չըլլան՝ իբրեւ ապագային կատարուելիք պատգամներ։ Թէ՝ Քրիստոս պիտի չարչարուէր, թէ՝ ինք առաջինը պիտի ըլլար որ մեռելներէն յարութիւն պիտի առնէր՝ փրկութեան լոյսը տալու համար այս ժողովուրդին եւ բոլոր ազգերուն։ Պօղոսի պաշտպանողական վերջին խօսքերուն վրայ՝ Ֆեստոս պոռաց. –Խելքդ թռցուցեր ես, Պօղո՛ս. շատ կարդալը խելքդ թռցուցեր տարեր է։ Պօղոս պատասխանեց. –Խելքս չեմ թռցուցած, ո՛վ գերազանցութիւնդ Ֆեստոս. ընդհակառակը, ճշմարտութեան եւ տրամաբանութեան լեզուով է որ կը խօսիմ։ Այս իրողութիւններուն տեղեակ է Ագրիպպաս արքան. ատոր համար ալ համարձակօրէն կը խօսիմ իրեն։ Չեմ կարծեր որ այս բաներէն ոեւէ մէկը իր ուշադրութենէն վրիպած ըլլայ, քանի որ այս բաները խուլ անկիւնի մը մէջ չէր որ պատահեցան։ Դուն մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպպաս արքայ, գիտե՛մ որ կը հաւատաս։ Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսին. –Քիչ կը մնայ որ զիս համոզես եւ քրիստոնեայ դարձնես։ Եւ Պօղոս ըսաւ. –Քի՞չ կը մնայ թէ շատ՝ չեմ գիտեր։ Բայց Աստուծմէ պիտի խնդրէի՝ որ ոչ միայն դուն, այլ բոլոր անոնք որոնք այսօր զիս կը լսեն՝ ճիշդ ինծի պէս ըլլային, սակայն առանց այս շղթաներուն։ Թագաւորը ոտքի ելաւ։ Իրեն հետեւեցան կառավարիչը, Բերնիկէն եւ բոլոր անոնք որոնք միասին նստած էին։ Եւ մինչ սրահէն դուրս կ՚ելլէին, իրարու հետ խօսելով կ՚ըսէին. –Այս մարդուն ըրածը մահուան կամ բանտարկութեան արժանի բան մը չէ։ Իսկ Ագրիպպաս Ֆեստոսին ըսաւ. –Կարելի էր զինք ազատ արձակել, եթէ կայսրին բողոքած չըլլար։ Երբ որոշուեցաւ որ նաւով Իտալիա երթանք, Պօղոսը եւ քանի մը ուրիշ բանտարկեալներ յանձնեցին «Կայսերական» կոչուած գունդէն Յուլիոս անունով հարիւրապետի մը։ Բարձրացանք Ատրամիդդական նաւ մը, որ Ասիա նահանգին կողմերէն պիտի անցնէր, ու ճամբայ ելանք։ Մեզի հետ էր նաեւ Արիստարքոս Մակեդոնացին, Թեսաղոնիկէէն։ Երբ յաջորդ օր Սիդոն ոտք դրինք, Յուլիոս մարդասիրութիւն ցուցնելով՝ Պօղոսին արտօնեց որ բարեկամներուն քով երթայ, որպէսզի իր կարիքները հոգան։ Հոնկէ ճամբայ ելլելով՝ Կիպրոսի վարի կողմէն վեր բարձրացանք, քանի հովը մեզի հակառակ կը փչէր։ Ապա Կիլիկիայի եւ Պամփիլիայի ծովէն նաւարկելով՝ հասանք Լիկիա նահանգի Միռա քաղաքը։ Հոն հարիւրապետը Աղեքսանդրիական նաւ մը գտաւ, որ Իտալիա կ՚երթար, եւ մեզ այդ նաւը տարաւ։ Բազմաթիւ օրեր նաւարկեցինք շատ դանդաղ, եւ դժուարաւ Կնիդոսի մօտերը հասանք։ Բայց հովը թոյլ չտուաւ որ ուղիղ շարունակենք. ուստի նաւարկեցինք հարաւ՝ դէպի Կրետէ, Սալմոնէ հրուանդանին կողմէն։ Դժուարութեամբ կղզին եզերելով՝ եկանք տեղ մը որ Գեղեցիկ Նաւահանգիստ կը կոչուէր, եւ որուն մօտիկն էր Լասէա քաղաքը։ Բաւական ժամանակ կորսնցուցած էինք, եւ նաւարկութիւնը արդէն վտանգաւոր դարձած էր, որովհետեւ աշնան սկիզբին հանդիպող ծոմապահութեան օրն ալ անցած էր։ Պօղոս կը յորդորէր զանոնք, ըսելով. –Ո՛վ մարդիկ, կը տեսնեմ որ հիմա նաւարկելը ո՛չ միայն նաւուն ու բեռներուն մեծ վնաս պիտի հասցնէ, այլ մեր կեանքերն ալ վտանգի պիտի ենթարկէ։ Սակայն հարիւրապետը աւելի նաւապետին ու նաւատիրոջ խօսքը մտիկ կ՚ընէր, քան Պօղոսի։ Եւ քանի նաւահանգիստն ալ շատ յարմար չէր ձմերելու, ճամբորդներուն մեծ մասը համաձայն եղաւ որ հոնկէ ճամբայ ելլեն եւ փորձեն հասնիլ Փիւնիկէ, որ Կրետէի մէկ նաւահանգիստն էր, դէպի հարաւ–արեւմուտք եւ հիւսիս–արեւմուտք նայող, հոն ձմերելու համար. Երբ հարաւային մեղմ հով մը սկսաւ փչել, ենթադրելով որ կրնան որոշուած տեղը հասնիլ՝ խարիսխները վերցուցին եւ սկսան նաւարկել, առանց հեռանալու Կրետէի ծովափէն։ Բայց շատ չանցած, կղզիին կողմէն փոթորկալից հով մը ելաւ, «հիւսիս–արեւելեան հով» անունով ծանօթ։ Նաւը փոթորիկէն բռնուեցաւ, եւ քանի որ կարելի չէր հովին դէմ երթալ՝ ձգեցինք որ հովէն քշուի։ Մինչ Կլաւդա կոչուած փոքրիկ կղզիի մը հարաւէն կ՚անցնէինք, հազիւ կրցանք փրկել մակոյկը, որ նաւաստիները վեր քաշեցին։ Յետոյ ապահովութեան համար պարաններով նաւուն մէջքը կապեցին։ Եւ վախնալով որ կրնան երթալ Սիրտիսի ծանծաղուտին մէջ խրիլ, առագաստը իջեցուցին եւ այնպէս յանձնուեցան հովին։ Փոթորիկը կը շարունակէր կատաղօրէն ծեծել մեզ. ուստի յաջորդ օր բեռները ծով թափեցին, իսկ երրորդ օրը իրենք իրենց ձեռքով նաւուն գործիքներէն մաս մը դուրս նետեցին։ Քանի մը օր ո՛չ արեւուն երեսը տեսանք եւ ո՛չ ալ աստղերուն, իսկ փոթորիկը նոյն թափով կը շարունակուէր. այնպէս որ փրկութեան ամէն յոյս կորսնցուցինք։ Երկար ատենէ ի վեր մարդ բան չէր կերած։ Ուստի Պօղոս ոտքի ելաւ ու մէջտեղ գալով ըսաւ անոնց. –Ո՛վ մարդիկ, պէտք էր մտիկ ընէիք ինծի եւ Կրետէէն չելլէինք։ Այն ատեն այս նեղութիւնը եւ վնասը չէինք կրեր։ Իսկ հիմա կը թելադրեմ որ սիրտ առնէք։ Ձեզմէ ոեւէ մէկուն բան պիտի չըլլայ. միայն նաւն է որ պիտի խորտակուի։ Որովհետեւ գիշերը Աստուծոյ հրեշտակը ինծի երեւցաւ — այն Աստուծոյն՝ որուն կը պատկանիմ եւ որուն կը ծառայեմ — եւ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Պօղո՛ս, դուն տակաւին կայսրին դիմաց ալ վկայութիւն պիտի տաս։ Եւ ահա Աստուած քեզի շնորհք մը ըրաւ, որ քեզի հետ նաւարկողները բոլորն ալ ողջ մնան»։ Հետեւաբար սի՛րտ առէք, մարդիկ, որովհետեւ կը հաւատամ Աստուծոյ. պիտի ըլլայ ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ինծի ըսաւ։ Մենք կղզիի մը մէկ ափը պէտք է իյնանք։ Տասնըչորրորդ գիշերը, մինչդեռ Ադրիական ծովու ջուրերուն մէջ կը ծփայինք, կէս գիշերին նաւաստիներուն թուեցաւ՝ թէ ցամաքի մը կը մօտենանք։ Խորաչափը նետեցին եւ տեսան որ խորութիւնը շուրջ քառասուն մեթր էր։ Քիչ մըն ալ յառաջանալէ ետք կրկին նետեցին եւ շուրջ երեսուն մեթր ցոյց տուաւ։ Սարսափած, որ չըլլայ թէ յանկարծ ժայռերու զարնուինք, նաւուն ետեւի կողմէն չորս խարիսխներ ձգեցին, եւ անձկութեամբ կը սպասէին որ լուսնայ։ Քիչ ետք նաւաստիները խորհեցան նաւէն փախչիլ, եւ մակոյկը ծով իջեցուցին, պատճառաբանելով՝ թէ առջեւի կողմէն ալ խարիսխ պիտի ձգեն։ Պօղոս հարիւրապետին ու զինուորներուն ըսաւ. –Եթէ այս մարդիկը նաւուն մէջ չմնան՝ դուք չէք կրնար փրկուիլ։ Այն ատեն զինուորները մակոյկին պարանները կտրեցին եւ ձգեցին որ երթայ։ Երբ օրը սկսաւ լուսնալ, Պօղոս բոլորէն խնդրեց որ բան մը ուտեն, ըսելով անոնց. –Այսօր տասնըչորրորդ օրն է որ սպասողական վիճակի մէջ՝ անօթի կը մնաք եւ բան չէք կերած։ Կ՚աղաչեմ որ բան մը ուտէք, որովհետեւ փրկուելու համար սնունդի պէտք ունիք։ Ոեւէ մէկուդ գլուխէն մազ մը իսկ պիտի չկորսուի։ Ասիկա ըսելէ ետք՝ հաց առաւ, բոլորին ներկայութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, եւ զայն կտրելով՝ սկսաւ ուտել։ Ատոր վրայ բոլորն ալ սիրտ առին եւ իրենք ալ սկսան ուտել։ Նաւուն վրայ բոլորս միասին երկու հարիւր եօթանասունվեց հոգի էինք։ Ուտել կշտանալէ ետք նաւը թեթեւցուցին՝ ցորենը ծով թափելով։ Երբ օրը բացուեցաւ, նաւաստիները չգիտցան թէ երեւցողը ի՛նչ ցամաք է։ Բայց նշմարեցին ծոց մը, որ ծովափ ունէր, եւ կ՚ուզէին հոն հասցնել նաւը, եթէ հնարաւոր ըլլար։ Կտրեցին խարիսխները եւ զանոնք ծովուն մէջ թողուցին։ Ապա քակեցին ղեկերուն պարանները եւ առաջամասի առագաստը բացին հովուն դիմաց, որ դէպի ծովափ կը փչէր։ Բայց նաւը երկու հոսանքներու միջեւ ծանծաղուտի մը հանդիպելով՝ կողի վրայ նստաւ։ Առաջամասը աւազին մէջ խրած՝ անշարժ մնաց, մինչ յետսամասը ալիքներու սաստկութենէն սկսաւ քայքայուիլ։ Զինուորները խորհեցան բանտարկեալները սպաննել, որպէսզի չըլլայ որ ոեւէ մէկը լողալով փախչի։ Բայց որովհետեւ հարիւրապետը կ՚ուզէր Պօղոսը ազատել, արգելք եղաւ անոնց ծրագրին։ Հրամայեց՝ որ լողալ գիտցողները նախ ջուր նետուին ու ցամաք դուրս գան, իսկ միւսները անոնց հետեւին՝ ոմանք տախտակներուն եւ ոմանք նաւուն միւս կտորներուն կառչելով։ Եւ այդպէս ալ բոլորը ազատեցան եւ ցամաք ելան։ Ազատելէ ետք՝ իմացանք թէ կղզիին անունը Մալթա է։ Տեղացիները բացառիկ մարդասիրութիւն ցուցաբերեցին մեզի հանդէպ։ Քանի անձրեւ սկսած էր եւ ցուրտ կ՚ընէր, խարոյկ մը վառեցին եւ անոր շուրջ ընդունեցին մեզ բոլորս։ Պօղոս չոր ճիւղերու խուրձ մը ժողվեց եւ խարոյկին մէջ նետելու վրայ էր, երբ տաքութենէն իժ մը ելաւ խուրձին մէջէն եւ իր ձեռքին փաթթուեցաւ։ Տեղացիները երբ Պօղոսի ձեռքէն կախուած իժը տեսան, սկսան իրարու ըսել. –Անպայմանմարդասպանմընէայսմարդը, որ թէպէտեւ ծովէն ազատեցաւ, բայց աստուածային արդարութիւնը թոյլ չի տար որ ողջ մնայ։ Պօղոս ձեռքը թափ տալով իժը կրակը ձգեց, առանց վնասուելու, մինչ տեղացիները կը սպասէին որ ուռի կամ յանկարծ իյնայ մեռնի։ Բայց բաւական սպասելէ ետք, երբ տեսան թէ անսովոր բան մը չեղաւ անոր, իրենց կարծիքը փոխեցին եւ սկսան ըսել՝ թէ աստուած մըն է։ Այդ տեղին շրջակայքը կային ագարակներ, որոնք կը պատկանէին կղզիի գլխաւորին՝ Պոպլիոսի։ Այս մարդը երաշխիք տալով՝ մեզ իր տունը ընդունեց եւ երեք օր սիրով հիւրասիրեց։ Պոպլիոսի հայրը հիւանդ պառկած էր ջերմով եւ թանչքի ցաւերով։ Պօղոս անոր սենեակը մտաւ, ձեռքերը անոր գլխուն դնելով աղօթեց եւ բժշկեց զայն։ Ասոր վրայ՝ կղզիին միւս հիւանդները եւս սկսան գալ, եւ բժշկուեցան։ Այս պատճառով ալ ամէն տեսակի պատիւներ ընծայեցին մեզի, եւ երբ պիտի մեկնէինք՝ տուին մեզի ինչ որ պէտք էր։ Երեք ամիս ետք բարձրացանք Աղեքսանդրիական նաւ մը, որ կղզիին մէջ ձմերած էր եւ Երկուորեակ չաստուածներու նշանը կը կրէր։ Իջանք Սիրակուսա եւ երեք օր հոն մնացինք։ Ապա հոնկէ ելանք եւ շրջան մը ընելով հասանք Ռեգիոն։ Օր մը ետք հարաւային հովը սկսաւ փչել, եւ երկու օրէն եկանք Պոտիոլի, ուր քրիստոնեայ եղբայրներ գտանք, եւ անոնց խնդրանքին վրայ շաբաթ մը հոն մնացինք։ Այսպէս, ի վերջոյ, ուղղուեցանք Հռոմ։ Հռոմի քրիստոնեաները մեր մասին լսելով՝ մեզ դիմաւորելու եկան մինչեւ Ապպիոսի Շուկան եւ Երեք Պանդոկները։ Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ։ Երբ Հռոմ մտանք, հարիւրապետը բանտարկեալները զօրապետին յանձնեց, իսկ Պօղոսին արտօնութիւն տրուեցաւ որ առանձին ապրի, իր պահապան զինուորին հսկողութեամբ։ Երեք օր ետք, Պօղոս Հրեաներու գլխաւորները կանչել տուաւ։ Եւ երբ եկան, ըսաւ անոնց. –Եղբայրնե՛ր, ես առանց մեր ժողովուրդին դէմ կամ մեր հայրենի սովորութիւններուն դէմ բան մը գործած ըլլալու՝ Երուսաղէմի մէջ ձերբակալուեցայ եւ յանձնուեցայ Հռոմայեցիներու ձեռքը, որոնք զիս հարցաքննելէ ետք՝ ուզեցին ազատ արձակել, քանի որ մահուան արժանի յանցանք մը չգտան վրաս։ Սակայն երբ Հրեաներ հակառակեցան ատոր, ստիպուեցայ կայսրին բողոքել, առանց մեր ազգին դէմ ամբաստանութիւն մը ունենալու։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ խնդրեցի ձեզ տեսնել եւ խօսիլ, որովհետեւ այս շղթաները կը կրեմ ա՛յն անձին համար՝ որ Իսրայէլի յոյսն էր։ Անոնք իրեն ըսին. –Մենք քու մասիդ ո՛չ նամակ ստացած ենք Հրէաստանէն, ո՛չ ալ մեր եղբայրներէն մէկը եկած պատմած կամ չար բան մը ըսած է քու մասիդ։ Բայց կ՚ուզենք քու կարծիքդ իմանալ, որովհետեւ այս աղանդին մասին մեզի այսքանը ծանօթ է՝ որ անիկա ամէն տեղ հակառակութեան կը հանդիպի։ Յետոյ ժամադրուեցան անոր հետ, եւ որոշուած օրը աւելի մեծ թիւով եկան անոր բնակած տունը։ Եւ Պօղոս առտուընէ մինչեւ իրիկուն անոնց խօսեցաւ Աստուծոյ արքայութեան մասին, եւ Մովսէսի Օրէնքէն ու մարգարէներէն վկայութիւններ բերելով՝ կը փորձէր զանոնք համոզել որ հաւատան Յիսուսի։ Ոմանք համոզուեցան իր խօսքերէն, իսկ ուրիշներ չհաւատացին։ Եւ մինչ այդպէս ալ կը հեռանային, առանց իրարու հետ համաձայնելու, Պօղոս այս մէկ բանն ալ աւելցուց. –Սուրբ Հոգին շատ շիտակ խօսեցաւմեր հայրերուն, երբ Եսայի մարգարէին բերնով՝ ըսաւ.– «Գնա՛ եւ ըսէ այս ժողովուրդին.– Անդադար պիտի լսէք բայց պիտի չհասկնաք, շարունակ պիտի նայիք բայց պիտի չտեսնէք։ Որովհետեւ այս ժողովուրդին միտքը թանձրացած է. իրենց ականջները խցած են եւ իրենց աչքերը փակած, որպէսզի չըլլայ որ իրենց աչքերը տեսնեն կամ ականջները լսեն եւ միտքերը հասկնան ու դարձի գան, եւ ես զանոնք բժշկեմ»։ Հետեւաբար,– եզրակացուց Պօղոս,– կ՚ուզեմ որ գիտնաք, թէ Աստուած այժմ փրկութեան այս պատգամը հեթանոսներուն կը ղրկէ, եւ անոնք պիտի լսեն։ Այս խօսքին վրայ Հրեաները հեռացան իրմէ, բուռն կերպով վիճաբանելով իրարու հետ։ Լման երկու տարի Պօղոս մնաց իր վարձած տան մէջ, ուր կ՚ընդունէր բոլոր անոնք որոնք իր քով կու գային։ Առանց ոեւէ արգելքի, ամենայն համարձակութեամբ Աստուծոյ արքայութիւնը կը քարոզէր եւ կը սովեցնէր Տէր Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Ես, Պօղոս, ծառան եմ Քրիստոս Յիսուսի, որ զիս կանչեց իր առաքեալը ըլլալու եւ պաշտօն տուաւ Աստուծոյ Աւետարանը քարոզելու։ Սուրբ գիրքերուն մէջ արձանագրուած կը գտնէք, թէ Աստուած կանուխէն իր մարգարէներուն միջոցաւ խոստացաւ տալ այս աւետիսը, որ կը վերաբերի իր Որդիին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ իբրեւ մարդ՝ Դաւիթի սերունդէն ծնաւ, բայց որ իբրեւ Աստուծոյ Որդի յայտնուեցաւ, երբ իր Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ մեռելներէն յարութիւն առաւ։ Ա՛ն էր որ ինծի առաքեալ ըլլալու շնորհքը տուաւ, որպէսզի իր անունին հաւատալու եւ հնազանդելու հրաւիրեմ բոլոր ազգերը, որոնց կարգին դուք ալ Յիսուս Քրիստոսի պատկանելու կանչուեցաք։ Ողջո՜յն բոլորիդ որ Հռոմ կը բնակիք. ձեզի՝ որ Աստուած սիրեց եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու կանչեց։ Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։ Նախ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իմ Աստուծոյս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին համար, որովհետեւ ամբողջ աշխարհի մէջ կը խօսուի ձեր հաւատքին մասին։ Աստուած, որուն կը ծառայեմ հոգիովս՝ իր Որդիին Աւետարանը քարոզելով, վկայ է՝ թէ անդադար կը յիշեմ ձեզ, եւ միշտ աղօթքներուս մէջ կը խնդրեմ որ Աստուծոյ կամքով յաջողիմ ձեզի գալ։ Որովհետեւ շատ կը փափաքիմ ձեզ տեսնել, որպէսզի ձեզի փոխանցեմ ոեւէ հոգեւոր պարգեւ որ ձեզ ամրապնդելու կը ծառայէ. այսինքն՝ ձեր մէջ ըլլալով՝ իրար քաջալերենք այն հաւատքով որ ունինք դուք եւ ես։ Բայց կ՚ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, որ բազմիցս մտադրեցի գալ ձեզի, սակայն մինչեւ հիմա արգելքներ ունեցայ։ Որովհետեւ կ՚ուզեմ ձեր մէջ եւս վաստակ ունենալ, ինչպէս ունիմ ուրիշ ազգերու մէջ. որովհետեւ, ինչպէս ինքզինքս պարտական զգացի թէ՛ Յոյնին եւ թէ՛ ոչ– Յոյնին, թէ՛ իմաստունին եւ թէ՛ անմիտին հանդէպ, այնպէս ալ պարտական կը զգամ յօժարութեամբ աւետարանել ձեզի, որ Հռոմի մէջ էք։ Ասիկա կ՚ըսեմ, որովհետեւ ամօթ չեմ համարեր Աւետարանը ։ Ընդհակառակը, անիկա Աստուծոյ զօրութիւնն է՝ որ կը փրկէ ամէն հաւատացող, նախ Հրեան, ապա նաեւ ոչ–Հրեան։ Որովհետեւ Աւետարանը կը յայտնէ թէ Աստուած ի՛նչպէս մարդիկը արդար կը սեպէ իրենց հաւատքով՝ որպէսզի հաւատան. ինչպէս որ գրուած է, «Արդարը իր հաւատքով պիտի փրկուի»։ Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն պիտի յայտնուի մարդոց անհաւատութեան եւ անիրաւութեան համար, որոնց անիրաւութիւնը թոյլ չի տար որ ճշմարտութիւնը երեւան գայ։ Որովհետեւ Աստուծոյ մասին ինչ որ կարելի է գիտնալ՝ գիտեն արդէն, քանի Աստուած ինք յայտնեց անոնց։ Արդարեւ, աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ՚իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ անոր աստուածութիւնը. եւ ասիկա՝ որպէսզի մարդիկ ոեւէ արդարացում չունենան։ Որովհետեւ զԱստուած ճանչնալով հանդերձ՝ իբրեւ Աստուած չփառաւորեցին եւ շնորհակալ չեղան, այլ՝ անհեթեթ խորհուրդներ ունեցան, որով իրենց միտքը անմտութեամբ խաւարեցաւ։ Իրենք զիրենք իմաստուն համարելով՝ յիմարացան, եւ անմահ Աստուծոյ փառքը յատկացուցին մահկանացու մարդոց, թռչուններու, չորքոտանիներու եւ սողուններու նմանութիւնը եղող պատկերներու։ Այդ պատճառով ալ Աստուած թոյլ տուաւ, որ իրենց սրտի ցանկութիւններով պղծութեան յանձնուին եւ իրենք իրենց մարմինը անպատուեն, քանի որ Աստուծոյ վերաբերմամբ ճշմարտութեան փոխարէն ստութիւնը նախընտրեցին. արարածներուն յարգանք ընծայեցին եւ զանոնք պաշտեցին, փոխանակ Արարիչը պաշտելու, որ օրհնեալ է յաւիտեան. ամէն ։ Ահա թէ ինչու՝ Աստուած թոյլ տուաւ որ անարգ կիրքերու անձնատուր ըլլան։ Որովհետեւ անոնց էգերը իրենց բնական կարիքները հակաբնական կարիքներու հետ փոխանակեցին։ Նոյնպէս ալ արուները, կիներու հետ բնական յարաբերութիւնը ձգած՝ հակաբնական ախորժակներով իրարու ցանկացին. արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին, եւ իրենց մոլորութեան արժանի հատուցումը կը ստանային Աստուծմէ։ Այսինքն, քանի որ չուզեցին զԱստուած ճանչնալ, Աստուած ալ թոյլ տուաւ որ անոնք իրենց անարգ միտքերուն անձնատուր եղած՝ ընեն ինչ որ պէտք չէ ընել. այսինքն՝ լեցուին ամէն տեսակ անիրաւութեամբ, պոռնկութեամբ, անզգամութեամբ, ագահութեամբ, չարութեամբ, եւ ըլլան նախանձոտ, սպանող, հակառակասէր, նենգ, չարաբարոյ, բամբասող, չարախօս, աստուածատեաց, անամօթ, ամբարտաւան, ինքնահաւան, չարիք հնարող, ծընողք անարգող, անմիտ, խոստմնադրուժ, անգութ, անհաշտ եւ անողորմ։ Եւ գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատաստանը, թէ այսպիսի բաներ ընողները մահուան արժանի են, ո՛չ միայն իրենք կ՚ընեն, այլ նաեւ հաւանութիւն կու տան ընողներուն։ Ուստի արդարացում չունիս, ո՛վ մարդ, դուն՝ որ ուրիշները կը դատես, որովհետեւ ի՛նչ բանով որ ընկերդ կը դատես՝ ինքզինքդ կը դատապարտես, քանի որ նոյն բաները դուն ալ կը գործես, դուն՝ որ կը դատես։ Որովհետեւ գիտենք, թէ Աստուած ճշմարիտ դատաստանով պիտի դատէ անոնք որ այսպիսի բաներ կ՚ընեն։ Արդ, ո՛վ մարդ, դուն որ այսպիսի բաներ ընողները կը դատես՝ բայց դուն ինքդ նոյն բաները կ՚ընես, կը խորհի՞ս թէ դուն Աստուծոյ դատաստանէն զերծ պիտի մնաս։ Կամ կ՚արհամարհե՞ս անոր անչափքաղցրութիւնը, ներողամտութիւնը եւ համբերատարութիւնը, երբ գիտես որ Աստուծոյ քաղցրութիւնն է որ քեզ ապաշխարութեան կը բերէ։ Քու կարծրութեամբդ եւ չզղջացող սրտովդ միայն բարկութիւն է որ կը դիզես քեզի համար, երբ բարկութեան օրը գայ եւ Աստուծոյ արդար դատաստանը յայտնուի։ Որովհետեւ Աստուած իւրաքանչիւրին պիտի հատուցանէ՝ անոր գործերուն համաձայն։ Յաւիտենական կեանք պիտի տայ անոնց՝ որոնք բարի գործերու մէջ յարատեւելով փառք ու պատիւ եւ անմահութիւն կը փնտռեն. իսկ բարկութիւն եւ զայրոյթ պիտի վերապահէ անոնց՝ որոնք հակառակութենէ տարուած՝ չեն հաւանիր ճշմարտութեան, այլ անիրաւութեան մէջ կը մնան։ Նեղութիւն ու տառապանք կը սպասէ բոլոր անոնց՝ որոնք չարիք կը գործեն, նախ Հրեային եւ ապա ոչ–Հրեային։ Իսկ փառք ու պատիւ եւ խաղաղութիւն բոլոր անոնց՝ որոնք բարիք կը գործեն, նախ Հրեային եւ ապա ոչ–Հրեային։ Որովհետեւ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ։ Անոնք որոնք առանց Աստուծոյ Օրէնքը ճանչնալու մեղանչեցին՝ առանց այդ Օրէնքին պիտի պատժուին, իսկ անոնք որ Օրէնքը գիտնալով մեղանչեցին՝ Օրէնքին համաձայն պիտի դատապարտուին. որովհետեւ Օրէնքը գիտցողները չէ՛ որ կ՚արդարանան Աստուծոյ առջեւ, այլ՝ Օրէնքը գործադրողները պիտի արդարանան։ Օրինակ, հեթանոսները Աստուծոյ Օրէնքը չունին. բայց երբ բնականօրէն Օրէնքին պահանջները կը գործադրեն, Օրէնքը չունենալով՝ նոյնինքն իրենք են իրենց Օրէնքը։ Անոնք ցոյց կու տան որ Աստուծոյ Օրէնքին պահանջները իրենց սիրտերուն մէջ գրուած ունին, որուն կը վկայէ նաեւ իրենց խիղճը, երբ իրենց դատողութիւնները զիրենք կը յանդիմանեն կամ կ՚արդարացնեն։ Այո՛, իւրաքանչիւրը իր ունեցած օրէնքով պիտի դատուի, այն օրը՝ երբ Աստուած մարդոց ծածուկ գործերը պիտի դատէ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, ինչպէս որ աւետարանեցի ձեզի։ Արդ, դուն որ ինքզինքդ Հրեայ կը կոչես եւ Օրէնքին ապաւինած՝ Աստուծմով կը պարծենաս, դուն որ գիտես անոր կամքը եւ Օրէնքէն սորված ըլլալով՝ կրնաս զանազանել լաւն ու վատը, դուն որ համոզուած ես թէ առաջնորդ ես կոյրերուն, լոյս՝ խաւարի մէջ եղողներուն, խրատիչ՝ անմիտներուն, ուսուցիչ՝ մանուկներուն, եւ համոզուած ես թէ Օրէնքը իր մէջ ունի իսկական գիտութիւնն ու ճշմարտութիւնը, ի վերջոյ, դուն որ ուրիշին կ՚ուսուցանես՝ ինքզինքիդ չե՞ս ուսուցաներ։ Դուն որ կը քարոզես չգողնալ՝ կը գողնա՞ս։ Դուն որ կ՚ըսես՝ «Մի՛ շնար», կը շնա՞ս։ Դուն որ կուռքերէն կը գարշիս՝ անոնց տաճարներուն մէջ կողոպո՞ւտ կ՚ընես։ Դուն որ Օրէնքով կը պարծենաս՝ զԱստուած անապատուած չե՞ս ըլլար Օրէնքը խախտելով։ Արդարեւ, «Ձեր պատճառով հեթանոսներ Աստուծոյ անունը կ՚անարգեն», ինչպէս գրուած է։ Թլփատութիւնը օգուտ կ՚ունենայ միայն՝ եթէ Օրէնքը գործադրես. իսկ եթէ Օրէնքը խախտես՝ թլփատուած ըլլալովդ հանդերձ անթլփատ հեթանոսի պէս կ՚ըլլաս։ Իսկ եթէ անթլփատ հեթանոսը Օրէնքին պահանջած իրաւունքը գործադրէ՝ անոր անթլփատութիւնը թլփատութիւն չի՞ համարուիր. եւ մարմինով անթլփատ եղողը Օրէնքին գործադրութեամբ դատապարտած չ՚ը՞լլար քեզ՝ որ աստուածային գիրքերով ու թլփատութեամբ քեզիտրուած Օրէնքին հանդէպյանցաւոր ես։ Որովհետեւ արտաքնապէս Հրեայ եղողը չէ՛ իսկական Հրեան, ո՛չ ալ մարմնական թլփատութիւնն է իսկական թլփատութիւնը. այլ՝ ներքնապէս Հրեայ եղողն է Հրեան, եւ իսկական թլփատութիւնը սրտի՛ թլփատութիւնն է, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին համաձայն ապրիլն է եւ ո՛չ թէ գրաւոր Օրէնքին համաձայն ապրիլը։ Այդպիսին մարդոցմէ չէ որ կը գովուի, այլ՝ Աստուծմէ։ Ի՞նչ է ուրեմն Հրեային առաւելութիւնը, եւ ի՞նչ էթլփատութեան օգուտը։ Առաւելութիւնները շատ են եւ ամէն տեսակի։ Եւ առաջին հերթին այն՝ որ Աստուծոյ պատգամները իրենց վստահուեցան։ Իսկ եթէ անոնցմէ ոմանք հաւատարիմ չմնացին, միթէ անոնց անհաւատարմութիւնը արգե՞լք պիտի ըլլար որ Աստուած ինք հաւատարիմ մնայ։ Բնա՛ւ երբեք։ Աստուած ճշմարիտ դուրս պիտի գայ, եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ. ինչպէս որ գրուած է.– «Ուստի արդար ես, ի՛նչ վճիռ ալ արձակես. իրաւունք ունիս, ի՛նչ պատիժ ալ սահմանես։ Որպէսզի արդար ճանչցուիս քու վճիռներուդ մէջ եւ յաղթական դուրս գաս քու դատաստաններուդ մէջ։» Իսկ եթէ մեր անիրաւ ըլլալն է որ Աստուծոյ արդարութիւնը ի յայտ կը բերէ, ի՞նչ ըսենք. իբրեւ մարդ կը հարցնեմ.– Միթէ անարդա՞ր է Աստուած, որ մեզի հանդէպ բարկութիւն կը ցուցաբերէ։ Ո՛չ, բնա՛ւ։ Ապա թէ ոչ՝ ի՞նչպէս պիտի դատէ Աստուած աշխարհը։ Բայց եթէ իմ ստութեամբս Աստուծոյ ճշմարիտ ըլլալը կը շեշտուի՝ իր փառքին համար, ալ ինչո՞ւ համար ես իբրեւ մեղաւոր կը դատապարտուիմ։ Եւ արդեօք ըսե՞նք, ինչպէս ոմանք զրպարտութեամբ խօսքեր կը վերագրեն մեզի, որպէս թէ ըսած ըլլանք՝ «Չարիք գործենք որ բարիք յառաջ գայ»։ Այդպիսի մարդիկ արդարօրէն պիտի դատապարտուին։ Ի՞նչ ըսենք ուրեմն. մենք՝ Հրեաներս բանով մը աւելի՞ լաւ ենք քան հեթանոսները ։ Ո՛չ, ոչ մէկ բանով։ Ահա թէ ինչու՝ սկիզբէն իսկ մեղադրեցի բոլոր մարդիկը, ըլլա՛յ Հրեայ, ըլլա՛յ հեթանոս, ըսելով՝ թէ բոլորն ալ մեղքի տակ են։ Ինչպէս որ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Մէկ հատիկ արդար իսկ չկայ, չկայ իմաստուն մը որ զԱստուած փնտռէ։ Ամէնքն ալ խոտորեցան, բոլորն ալ անպէտ դարձան. չկայ մէկը, որ շիտակը գործէ. չկայ մէկը, ո՛չ իսկ մէկը։ Բացուած գերեզման է կոկորդն անոնց, եւ նենգութեան գործիք են դարձած լեզուներն անոնց։ Իժի թոյն կայ պահուած անոնց խօսքերուն տակ։ Անէծքով ու դառնութեամբ լեցուն է բերանն անոնց։ Անմեղ արիւն թափելու չեն վարանիր. իրենց ընթացքով՝ միայն կործանումի ու դժբախտութեան պատճառ կ՚ըլլան։ Խաղաղութեան ճամբան չճանչցան։ Աստուծոյ վախը չունին իրենց աչքերուն առջեւ»։ Գիտենք որ Օրէնքը ինչ որ կ՚ըսէ՝ Օրէնքին ենթակայ մարդոց է որ կ՚ըսէ, որպէսզի ամէն բերան գոցուի եւ ամբողջ աշխարհ Աստուծոյ հանդէպ իր յանցաւոր ըլլալը ճանչնայ։ Ահա թէ ինչու՝ «Աստուծոյ առջեւ ոեւէ մէկը պիտի չարդարանայ» Օրէնքին գործադրութեամբ, որովհետեւ Օրէնքով է որ կը գիտնանք թէ ի՛նչ է մեղքը։ Բայց հիմա Աստուած ցոյց տուաւ, թէ մարդիկը արդարացնելու իր կերպը կապ չունի Օրէնքին հետ, թէպէտ նոյնինքն Օրէնքն ու մարգարէները կը վկայեն այդ մասին։ Առանց խտրութեան, բոլոր անոնք որոնք Քրիստոս Յիսուսի կը հաւատան, Աստուծոյ առջեւ կ՚արդարանան։ Արդարեւ, թէպէտ բոլոր մարդիկ մեղանչեցին եւ Աստուծոյ փառքէն զրկուած կը մնան, սակայն Աստուած զանոնք կ՚արդարացնէ իր ձրիօրէն պարգեւած շնորհքովը, Քրիստոս Յիսուսի փրկագործութեան միջոցաւ։ Որովհետեւ Աստուած նախասահմանեց, որ Քրիստոս իր թափած արիւնով քաւութեան միջոց ըլլայ անոնց՝ որոնք իրեն կը հաւատան։ Անցեալին մէջ Աստուած իր արդարութիւնը ցոյց կու տար՝ անյիշաչար գտնուելով մարդոց գործած մեղքերուն հանդէպ. իսկ ներկայիս, նոյն իր արդարութիւնը կը յայտնէ՝ մեղքերուն թողութիւն շնորհելով, ցոյց տալով թէ արդար է ինք եւ կ՚արդարացնէ ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի կը հաւատայ։ Պարծենալիք բան կը մնա՞յ. բացարձակապէս ոչ։ Կրնա՞նք պարծենալ՝ թէ Օրէնքին միջոցաւ կամ մեր գործերով կ՚արդարանանք։ Ո՛չ. այլ՝ հաւատքով։ Հետեւաբար կ՚եզրակացնենք, թէ մարդ հաւատքո՛վ կ՚արդարանայ, առանց Օրէնքի գործերուն։ Արդարեւ, Աստուած միայն Հրեաներո՞ւն Աստուածն է. հեթանոսներուն ալ Աստուածը չէ՞։ Այո՛, նաեւ հեթանոսներունն է։ Որովհետեւ մէկ է Աստուած՝ որ կ՚արդարացնէ թէ՛ թլփատութենէ եկող Հրեան՝ իր հաւատքով, եւ թէ՛ անթլփատութենէ եկող հեթանոսը՝ նոյն հաւատքով։ Արդ, Օրէնքը ջնջա՞ծ կ՚ըլլանք մեր հաւատքով։ Բնա՛ւ երբեք։ Ընդհակառակը, հաստատած կ՚ըլլանք։ Արդ, ի՞նչ ըսենք Աբրահամի, մեր ազգին նախահօրմասին. ի՞նչպէս արդարացաւ։ Եթէ Աբրահամ իր գործերով արդարացած ըլլար՝ կրնար պարծենալ. բայց ո՛չ Աստուծոյ քով։ Ի՞նչ կ՚ըսէ Ծննդոց գիրքը. «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած զինք արդար համարեց»։ Չէ՞ որ ոեւէ գործ կատարած մարդու համար իր վարձատրութիւնը շնորհք չի համարուիր, այլ՝ իրաւունք. իսկ անոր՝ որ ոեւէ գործ կատարած չէ եւ սակայն կը հաւատայ Աստուծոյ՝ որ մեղաւորը կ՚արդարացնէ, անոր պարագային հաւատալը արդարութիւն կը համարուի։ Դաւիթ ինք ալ երանի կու տայ այն մարդուն, զոր Աստուած արդար կը համարէ առանց գործերու.– «Երանի՜ անոնց՝ որոնք իրենց յանցանքներուն թողութիւն ստացան, որոնց մեղքերը Տէրը ներեց։ Երանի՜ այն մարդուն, որուն մեղքը Տէրը նկատի չ՚առներ»։ Արդ, Դաւիթի տուած այս երանութիւնը միայն թլփատուածներո՞ւն է. ո՛չ, այլ նաեւ անոնց՝ որոնք թլփատուած չեն։ Որովհետեւ յիշեցինք, թէ «Աբրահամ հաւատաց, եւ Աստուած զինք արդար համարեց»։ Ե՞րբ տեղի ունեցաւ ասիկա. թլփատութիւնը ընդունելէ՞ն ետք, թէ երբ տակաւին անթլփատ վիճակի մէջ։ Յստակ է որ թլփատութենէն ետք չէր, այլ անթլփատ վիճակի մէջ։ Եւ թլփատութիւնը Աստուծմէ ստացաւ որպէս նշան եւ կնիք՝ անթլփատ վիճակի մէջ իր ցուցաբերած հաւատքով արդարացած ըլլալուն, որպէսզի ատով հայրը ըլլայ բոլոր անոնց՝ որոնք առանց թլփատուած ըլլալու կը հաւատան, որպէսզի անոնք եւս արդար համարուին, եւ նաեւ ըլլայ հայրը անոնց՝ որոնք թլփատուած են. բայց ո՛չ թէ պարզապէս թլփատուած ըլլալնուն համար, այլ անոնց՝ որոնք կ՚ընթանան նոյն հաւատքին հետքերով, որ մեր հայրը Աբրահամ ցուցաբերեց անթլփատ վիճակի մէջ։ Արդ, Աբրահամի եւ անոր սերունդին եղած խոստումը՝ թէ աշխարհը պիտի ժառանգեն՝ Օրէնքին միջոցաւ չէր որ տրուեցաւ, այլ հաւատքին՝ որով արդար սեպուեցաւ։ Որովհետեւ եթէ Օրէնքին հետեւորդներն են խոստումին ժառանգորդները, ապա ուրեմն զուր է հաւատքը եւ անօգուտ է խոստումը։ Որովհետեւ Օրէնքը միայն Աստուծոյ բարկութիւնը կը շարժէ՝ զայն չգործադրողին դէմ. իսկ ուր որ օրէնք չկայ՝ օրինազանցութիւն ալ չկայ։ Այս պատճառով ալ, մարդ իր հաւատքով է որ Աստուծոյ ժառանգորդ կը դառնայ, որպէսզի ատիկա շնորհքի արդիւնք ըլլայ եւ խոստումը ի զօրու ըլլայ Աբրահամի ամբողջ սերունդին, այսինքն՝ ո՛չ միայն անոնց՝ որոնք Օրէնքին միջոցաւ եկած են Աստուծոյ, այլ նաեւ անոնց՝ որոնք հաւատքի ճամբով կու գան, Աբրահամի պէս՝ որ մեր բոլորին հայրն է. ինչպէս գրուած ալ է. «Բազմաթիւ ազգերու հայր ըրի քեզ», քանի որ Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ՝ որ կը կենդանացնէ մեռեալները եւ գոյութիւն ունեցողի պէս կը կանչէ անոնք՝ որ տակաւին գոյութիւն չունին։ Արդարեւ, հակառակ ոեւէ յոյս չըլլալուն՝ Աբրահամ յուսաց եւ հաւատաց թէ «բազմաթիւ ազգերու հայր» պիտի ըլլայ, ինչպէս որ Աստուած իրեն ըսած էր. «Այսպէս պիտի բազմացնեմ քու սերունդդ»։ Եւ Աբրահամ իր հաւատքին մէջ չտկարացաւ. հակառակ շուրջ հարիւր տարեկան ըլլալուն՝ չնայեցաւ իր մարմինին, որ արդէն մեռածի պէս էր, ո՛չ ալ նայեցաւ Սառայի արգանդին ամլութեան։ Բնաւ անհաւատութեամբ չտարակուսեցաւ Աստուծոյ խոստումին, այլ հաւատքով զօրացաւ եւ փառք տուաւ Աստուծոյ. այն հաստատ համոզումով՝ թէ Աստուած որ խոստացաւ՝ կրնայ նաեւ կատարել։ Ահա թէ ինչու՝ «Աստուած զինք արդար համարեց»։ Բայց միայն Աբրահամի համար չէր գրուածը, թէ «Աստուած զինք արդար համարեց», այլ նաեւ մեզի համար։ Աստուած մե՛զ եւս արդար պիտի համարէ մեր հաւատքին համար, որովհետեւ կը հաւատանք իրեն՝ որ մեռելներէն յարուցանեց Յիսուսը, մեր Տէրը, որ իր կեանքը տուաւ մեր յանցանքները ջնջելու համար, եւ յարութիւն առաւ՝ մեզ արդարացնելու համար։ Հիմա որ ա՛լ հաւատքով արդարացած ենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ։ Քրիստոս ինք մեզի համար կարելի դարձուց՝ հաւատքով հասնիլ այն շնորհքին, որուն մէջ կ՚ապրինք հիմա եւ կը պարծենանք՝ Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով։ Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։ Որովհետեւ մինչ անկարող էինք փրկութեան հասնելու՝ Քրիստոս յարմար ժամանակին մեռաւ մեզի՝ մեղաւորներուս համար։ Արդարեւ, հազիւ թէ գտնուի մէկը որ յանձն առնէ արդարի մը համար մեռնիլ. թերեւս գտնուի մէկը որ բարի մարդու մը սիրոյն համարձակի մահը յանձն առնել։ Բայց Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը յայտնեց անով՝ որ երբ տակաւին մեր մեղքերուն մէջ էինք՝ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ։ Իսկ հիմա որ իր արիւնով արդարացած ենք՝ որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ Քրիստոսով պիտի փրկուինք Աստուծոյ բարկութենէն։ Որովհետեւ, եթէ Աստուած իր Որդիին մահովը մեզ իր հետ հաշտեցուց դեռ այն ատեն՝ երբ տակաւին թշնամի էինք իրեն, հիմա որ ա՛լ հաշտուած ենք՝ որքա՜ն աւելի վստահութեամբ կրնանք ըսել՝ թէ պիտի փրկուինք Քրիստոսի կեանքով։ Եւ ոչ միայն այսքան. այլ տակաւին կը պարծենանք նաեւ Աստուծմով, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ, որուն միջոցաւ հիմա հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ։ Մէկ անձի մը պատճառով էր որ մեղքը աշխարհ մտաւ, եւ մեղքին պատճառով աշխարհ մտաւ մահը։ Եւ այսպիսով մահը տիրեց բոլոր մարդոց. որովհետեւ բոլորն ալ մեղք գործեցին։ Մեղքը աշխարհի մէջ էր, ուրեմն, դեռ Օրէնքը չեկած. բայց մեղքը նկատի չէր առնուեր, քանի Օրէնք չկար։ Եւ սակայն Ադամէն սկսեալ մինչեւ Մովսէս մահը թագաւորեց նոյնիսկ անոնց վրայ՝ որոնք Ադամի գործած անհնազանդութեան մեղքը չգործեցին։ Իսկ Ադամ նախօրինակն էր անոր՝ որ պիտի գար։ Բայց նախ՝ յստակ տարբերութիւն մը կայ մեղքին եւ շնորհքին միջեւ. որովհետեւ եթէ ճշմարիտ է որ մէկուն յանցանքով բոլորը մեռան, շատ աւելի ճշմարիտ է՝ որ Աստուած միակ մարդու մը՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ իր շնորհքն ու պարգեւը առատացուց բոլորին վրայ։ Ապա՝ դարձեալ տարբերութիւն կայ մէկուն մեղանչումով յառաջ եկած արդիւնքին եւ շնորհքին միջեւ. որովհետեւ մինչ մէկուն մեղանչումով աստուածային դատաստանը դատապարտութեան տակ կ՚առնէր բոլորը, շնորհքը՝ հակառակ բոլորին մեղանչումին՝ կ՚արդարացնէ զանոնք։ Որովհետեւ, եթէ ճշմարիտ է որ միակ մարդու մը պատճառով, մէկ հոգիին յանցանքով մահը թագաւորեց, ո՛րքան աւելի ճշմարիտ է՝ որ Աստուծոյ առատ շնորհքն ու արդարութեան պարգեւը ստացողները պիտի թագաւորեն կեանքի մէջ, միակ անձի մը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Հետեւաբար, ինչպէս որ մէկ հոգիին յանցանքով բոլոր մարդիկ դատապարտութեան ենթակայ եղան, այնպէս ալ մէկ հոգիին արդար գործով բոլոր մարդիկ կ՚արդարանան ու կեանք կ՚ունենան։ Որովհետեւ, ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութեամբ բոլորը մեղաւոր եղան, այնպէս ալ մէկ հոգիին հնազանդութեամբ բոլորը պիտի արդարանան։ Մինչ այդ, Օրէնքը գալով՝ յանցանքը շատցաւ։ Միւս կողմէ, ուր որ մեղքը շատցաւ՝ այնտեղ Աստուծոյ շնորհքը աւելի առատացաւ։ Որպէսզի, ինչպէս որ մեղքը թագաւորեց՝ մահ պատճառելով, այնպէս ալ շնորհքը թագաւորէ՝ մարդիկը արդարութեամբ յաւիտենական կեանքի սահմանելու համար, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Ի՞նչ ըսենք, ուրեմն շարունակե՞նք մեղքի մէջ մնալ, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը բազմանայ։ Քա՛ւ լիցի։ Մենք որ մեղքին համար մեռանք՝ ի՞նչպէս կրնանք տակաւին մեղքի մէջ ապրիլ։ Չէ՞ք գիտեր, թէ մենք՝ որ Յիսուս Քրիստոսի միանալով մկրտուեցանք՝ մկրտութեամբ անոր մահուան հաղորդակից դարձանք։ Այսինքն, մկրտութեամբ անոր հետ միասին թաղուեցանք եւ մահուան հաղորդ եղանք, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանքով ապրինք։ Եթէ Քրիստոսի կցորդ եղանք՝ իրեն պէս մեռնելով, նոյնպէս իրեն կցորդ պիտի ըլլանք՝ իրեն հետ յարութիւն առնելով։ Գիտենք թէ մեր մէջ եղող հին մարդը անոր խաչակից եղաւ՝ որպէսզի մեղանչական մարդը մեռնի, որպէսզի այլեւս մեղքին չծառայենք։ Որովհետեւ երբ մէկը կը մեռնի՝ ա՛լ ազատած է մեղքէն։ Քանի մենք մեռանք Քրիստոսի հետ, կը հաւատանք թէ նաեւ անոր հետ պիտի ապրինք։ Գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ այսուհետեւ չի մեռնիր, այլեւս մահը չի կրնար անոր տիրել։ Երբ մեռաւ՝ մեղքին համար մեռաւ, միակ անգամուան մը համար, եւ հիմա որ կենդանի է՝ Աստուծոյ համար կենդանի է։ Նոյնպէս ալ դուք, դուք ձեզ մեռած համարեցէք մեղքին համար եւ կենդանի՝ Աստուծոյ համար, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Այսուհետեւ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, զանոնք իր ցանկութեանց հնազանդեցնելով։ Մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ՝ դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք։ Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք Օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին։ Ուրեմն ի՞նչ. քանի շնորհքին ենթակայ ենք եւ ոչ Օրէնքին, մե՞ղք գործենք։ Բնա՛ւ երբեք։ Լաւ գիտցէք, թէ որո՛ւ ծառայութեան որ նուիրուիք եւ հնազանդիք՝ անոր ծառան եղած կ՚ըլլաք։ Մեղքին ծառայելով՝ մահուան կ՚ենթարկուիք, մինչ Աստուծոյ հնազանդելով՝ կ՚արդարանաք։ Գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէպէտ ժամանակ մը մեղքին ծառայ դարձած էիք, բայց որովհետեւ սրտանց հնազանդեցաք ձեզիաւանդուած վարդապետութեան օրինակին, մեղքի տիրապետութենէն ազատեցաք եւ արդարութեան ծառայ դարձաք։ Ծառայի օրինակով կը խօսիմ, որովհետեւ այդպէս աւելի հասկնալի է ձեզի։ Ինչպէս որ ժամանակ մը ձեր մարմինները անօրէնութեան տուած՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան կը ծառայէիք, այնպէս ալ հիմա սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք։ Երբ մեղքին ծառայ էիք, հեռու էիք արդարութենէն։ Ի՞նչ շահեցաք այն ժամանակուան ձեր գործերէն, որոնցմէ կ՚ամչնաք հիմա. որովհետեւ անոնց հետեւանքը մահ է։ Բայց հիմա մեղքին տիրապետութենէն ազատ էք եւ Աստուծոյ ծառաները։ Ձեր շահը սրբութեան նուիրուած կեանք մըն է, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանքը ։ Որովհետեւ մեղքին վարձրատրութիւնը մահ է, մինչ Աստուած որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Դուք՝ իբրեւ Օրէնքին քաջածանօթ մարդիկ՝ չէ՞ք գիտեր, եղբայրնե՛ր, որ Օրէնքը մարդուն կը տիրէ՝ որքան ատեն որ մարդը կ՚ապրի։ Այսպէս, օրինակ, ամուսնացած կին մը Օրէնքով իր ամուսինին կապուած է, որքան ատեն որ ամուսինը ողջ է. իսկ երբ ամուսինը մեռնի՝ արձակուած կ՚ըլլայ ամուսնական կապէն։ Այլ խօսքով, իր ամուսինին կենդանութեան եթէ ուրիշ մարդու հետ ամուսնանայ՝ շնացող կը համարուի. մինչդեռ երբ ամուսինը մեռնի՝ ա՛լ ազատ է Օրէնքին կապէն, եւ շնացող չի համարուիր երբ ուրիշ մարդու հետ ամուսնանայ։ Ճիշդ նոյն ձեւով՝ դուք ալ, եղբայրնե՛ր, Քրիստոսի մարմինով մեռաք Օրէնքին համար՝ որպէսզի պատկանիք ուրիշին, անոր՝ որ մեռելներէն յարութիւն առաւ, եւ արդար վաստակով ներկայանանք Աստուծոյ։ Որովհետեւ, որքան ատեն որ մեղանչական բնութեան համաձայն կ՚ապրէինք՝ մեղքերու ցանկութիւնները Օրէնքին միջոցաւ կը ներգործէին մեր անդամներուն մէջ, իբրեւ արդիւնք՝ մահ պատճառելով։ Բայց հիմա, Քրիստոսի հետ մեռած ըլլալով՝ ա՛լ զերծ ենք Օրէնքի կապէն, որուն գերի էինք ժամանակ մը. այնպէս որ, մենք այլեւս Աստուծոյ կը ծառայենք Սուրբ Հոգիին բերած նորոգութեամբ եւ ո՛չ թէ գրաւոր Օրէնքին թելադրած հին ձեւով։ Արդ, ի՞նչ ըսենք. Օրէնքը մե՞ղք է։ Բնա՛ւ երբեք։ Եւ սակայն ես չէի գիտնար թէ ի՛նչ է մեղքը, եթէ Օրէնքը չյայտնէր։ Օրինակ, չէի գիտնար ի՛նչ է ցանկութիւնը, եթէ Օրէնքը չըսէր՝ «Մի՛ ցանկար»։ Մեղքը առիթէն օգտուելով՝ պատուիրանին միջոցաւ ամէն տեսակի ցանկութիւն առաջացուց իմ մէջս. եթէ Օրէնքը չըլլար՝ մեղքը մեռած պիտի մնար։ Ես ալ ժամանակ մը կենդանի էի, երբ Օրէնքը չկար. բայց երբ պատուիրանը եկաւ՝ մեղքը կեանք առաւ, իսկ ես մեղքով մեռայ։ Այսպէս ուրեմն, պատուիրանը որ ինծի կեանք պէտք էր տար՝ մահուան պատճառ եղաւ ինծի, պարզապէս որովհետեւ մեղքը առիթէն օգտուելով՝ պատուիրանին միջոցաւ խաբեց զիս եւ անով ալ սպաննեց։ Հետեւաբար, Օրէնքը ինք սուրբ է եւ պատուիրանն ալ սուրբ է, արդար ու բարի։ Բայց ուրեմն բարի պատուիրա՞նը ինծի մահ պատճառեց։ Բնա՛ւ երբեք։ Այլ՝ մեղքն էր որ բարի պատուիրանին միջոցաւ ինծի մահ պատճառեց, նախ՝ որպէսզի մեղքին ի՛նչ ըլլալը յայտնուի, եւ ապա՝ պատուիրանին միջոցաւ մեղքին առաւել ծանրութիւնը յայտնուի։ Գիտենք անշուշտ, որ Օրէնքը հոգեւոր է. բայց ես մարմնեղէն եմ՝ մեղքին ստրուկ դարձած։ Ինչ որ կ՚ընեմ՝ չեմ հասկնար թէ ինչո՛ւ կ՚ընեմ։ Որովհետեւ ուզածս չէ որ կ՚ընեմ, այլ հակառակը՝ ատած բանս է որ կ՚ընեմ։ Իսկ եթէ չուզածս է որ կ՚ընեմ, արդէն վկայած կ՚ըլլամ թէ Օրէնքը բարի է։ Միւս կողմէ, ես չէ՛ որ ըրած կ՚ըլլամ զայն, այլ իմ մէջս բոյն դրած մեղքը։ Գիտեմ որ իմ մէջս, այսինքն իմ մարմինիս մէջ ոեւէ բարի բան չկայ։ Բարին կամենալը ձեռքս է, բայց չեմ յաջողիր զայն կատարել։ Եւ այսպէս, բարին՝ որ կը կամենամ, չեմ ըներ, այլ կ՚ընեմ չարը՝ որ չեմ ուզեր։ Ուրեմն, եթէ չուզածս է որ կ՚ընեմ՝ ես ըրած չեմ ըլլար զայն, այլ՝ իմ մէջս բոյն դրած մեղքը։ Արդ, ես կը գտնեմ հետեւեալ օրինաչափութիւնը, որ երբ կ՚ուզեմ բարին ընել՝ կը տեսնեմ որ միայն չարը ընելու ատակ եմ։ Ես իմ ներքին էութեամբս հաճոյքով կ՚ընդունիմ Աստուծոյ Օրէնքը. բայց իմ մարմինիսանդամներուն մէջ կը տեսնեմ տարբեր օրէնք մը, որ իմ մտքիս ընդունած Օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կը պահէ մեղքի օրէնքին՝ որ իմ անդամներուս մէջ է։ Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ։ Ո՞վ զիս պիտի փրկէ մահուան դատապարտուած այս մարմինէն։ Բայց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Ապա ուրեմն, ես ինքս միտքով Աստուծոյ Օրէնքին կը ծառայեմ, իսկ մարմինով՝ մեղքի օրէնքին։ Եթէ այդպէս է, կը նշանակէ թէ անոնք որ Քրիստոս Յիսուսի միացած են՝ դատապարտութեան ենթակայ չեն, քանի մարմնաւորապէս չեն ապրիր, այլ՝ հոգեւորապէս։ Որովհետեւ Հոգիին Օրէնքը զիս Քրիստոս Յիսուսի միացնելով կենդանացուց եւ ազատեց մեղքի եւ մահուան ենթակայութենէն։ Արդարեւ, ինչ որ Օրէնքը չէր կրնար ընել, մարդկային բնութեան տկար ըլլալուն պատճառով, Աստուած իրագործեց՝ աշխարհ ղրկելով իր Որդին, որ մեղքը յաղթահարելու համար մեր մեղանչական բնութիւնը իր վրայ առաւ եւ իր մարմինին մէջ դատապարտեց մեղքը, որպէսզի մենք, որ հոգեւորապէս կ՚ապրինք եւ ո՛չ մարմնաւորապէս, կարենանք լրիւ գործադրել Օրէնքին բոլոր պահանջները։ Անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջներով կը ղեկավարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ՚ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է։ Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն։ Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանիլ։ Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին՝ Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ։ Եթէ իրապէս Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, կը նշանակէ՝ թէ դուք այլեւս մարմնական ցանկութիւններուն համաձայն չէք ապրիր, այլ՝ Սուրբ Հոգիին կամեցած ձեւով։ Իսկ ով որ Քրիստոսի Հոգին չունի, անոր չի պատկանիր։ Եթէ Քրիստոս ձեր մէջն է, թէպէտեւ ձեր մարմինները պիտի մեռնին, որովհետեւ մեղանչեցիք, սակայն Սուրբ Հոգին դարձեալ կեանք պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ արդարացաք։ Այսինքն, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, Աստուած, որ Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, իր Հոգիին միջոցաւ որ ձեր մէջ կը բնակի՝ պիտի կենդանացնէ նաեւ ձեր մահկանացու մարմինները։ Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, պէտք չէ ապրինք մեր մարմինին համար եւ մարմնաւորապէս։ Որովհետեւ եթէ մարմնաւորապէս ապրիք՝ պիտի մեռնիք. իսկ եթէ Հոգիին օգնութեամբ ձեր մեղքերը սպաննէք՝ պիտի ապրիք։ Աստուծոյ որդիները անոնք են՝ որոնք Աստուծոյ Հոգիով կ՚առաջնորդուին։ Արդ, դուք Հոգին ստացաք՝ ո՛չ թէ ծառայ դառնալու եւ դարձեալ վախով ապրելու համար, այլ Հոգին ստացաք՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար։ Այդ Հոգիով է որ զԱստուած «Աբբա», այսինքն Հայր կը կոչենք, եւ նոյն Հոգին ինք վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին, թէ Աստուծոյ որդիներ ենք։ Իսկ եթէ որդի ենք, կը նշանակէ թէ նաեւ ժառանգորդներ ենք։ Այո՛, ժառանգորդներն ենք Աստուծոյ եւ ժառանգակից՝ Քրիստոսի. եւ իր չարչարանքներուն մասնակից կ՚ըլլանք՝ որպէսզի իր փառքին եւս մասնակից ըլլանք։ Ես այնպէս կը խորհիմ, թէ ներկայ ժամանակի չարչարանքները ոչի՛նչ են գալիք փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի։ Եւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը ակնդէտ կը սպասէ, որ Աստուած իր որդիները յայտնէ։ Արդարեւ, ստեղծագործութիւնը ինք եւս մարդուն հետ ակամայ դատապարտութեան ենթարկուեցաւ Աստուծոյ հրամանովը, որ սակայն նաեւ սա յոյսը տուաւ, թէ ստեղծագործութիւնը ինք եւս պիտի ազատագրուի փճացումի դատապարտութենէն, մասնակից դառնալու համար Աստուծոյ որդիներուն ազատութեան ու փառքին։ Եւ գիտենք թէ մինչեւ հիմա ամբողջ ստեղծագործութիւնը երկունքով կը հեծէ՝ այդ ազատագրութեան հասնելու համար։ Բայց ո՛չ միայն ստեղծագործութիւնը, այլ մենք եւս, որ Սուրբ Հոգին ստացած ենք իբրեւ Աստուծոյ պարգեւներուն երախայրիքը, մենք եւս ներքնապէս կը հեծենք՝ ակնդէտ սպասելով որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմինին փրկութեան։ Այս յոյսով էր որ փրկուեցանք։ Արդ, երբ յուսացուածը կը տեսնուի՝ ա՛լ յոյս չէ. որովհետեւ մարդ ինչո՞ւ պիտի յուսայ բանի մը՝ որ արդէն կը տեսնէ։ Ընդհակառակը, կը յուսանք բանի մը՝ որ չենք տեսներ եւ որուն կը սպասենք համբերութեամբ։ Ճիշդ նոյն ձեւով ալ, Սուրբ Հոգին օգնութեան կը հասնի մեր տկարութեան. որովհետեւ մենք որ կ՚աղօթենք՝ չենք գիտեր թէի՛նչպէս պէտք է աղօթել. բայց Հոգին ինք մեզի համար կը բարեխօսէ անմռունչ հառաչանքներով, եւ Աստուած որ սիրտերը կը քննէ՝ գիտէ թէ ի՛նչ կը խորհի Սուրբ Հոգին, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ կամքին համաձայն կը բարեխօսէ հաւատացեալներուն համար։ Գիտենք, թէ Աստուած բարիին համար գործակից կ՚ըլլայ անոնց՝ որոնք կը սիրեն զինք եւ իր ծրագրին համաձայն իրեն կանչուած են։ Որովհետեւ, Աստուած զանոնք սկիզբէն կը ճանչնար եւ սկիզբէն ալ սահմանեց որ իր Որդիին հարազատ պատկերը ըլլան, որպէսզի Յիսուս բազմաթիւ եղբայրներու մէջ անդրանիկը ըլլայ։ Սկիզբէն այդ սահմանուածները նաեւ կանչեց, եւ կանչուածները նաեւ արդարացուց, եւ արդարացածներն ալ փառաւորեց։ Ի՞նչ կրնանք ըսել այս բոլորին դիմաց։ Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ։ Եթէ Աստուած իր Որդիին չխնայեց, այլ՝ մինչեւ իսկ զայն մահուան մատնեց մեզի համար, անոր հետ նաեւ ամէն բան պիտի չշնորհէ՞ մեզի։ Ո՞վ է որ պիտի մեղադրէ Աստուծոյ ընտրեալները։ Ո՛չ ոք, քանի Աստուած է արդարացնողը։ Կամ ո՞վ պիտի դատապարտէ։ Յիսուս Քրիստո՞սը, որ մեզի համար մեռաւ՝ բայց մանաւանդ յարութիւն առաւ, եւ հիմա Աստուծոյ աջ կողմն է ու կը բարեխօսէ մեզի համար։ Անշուշտ ո՛չ։ Ո՞վ կրնայ, ուրեմն, մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն. նեղութի՞ւնը, անձկութի՞ւնը, հալածա՞նքը, սո՞վը, մերկութի՞ւնը, վտա՞նգը կամ սո՞ւրը։ Ինչպէս Սաղմոսներուն մէջ գրուած է.– «Քեզի համար՝ մարդիկ մեզ կը սպաննեն ամէն օր. ոչխարի պէս սպանդանոց կը տանին»։ Բայց այս բոլորէն շա՜տ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ անոր՝ որ մեզ սիրեց։ Որովհետեւ համոզուած եմ, որ ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ գալիքը, ո՛չ ալ ոեւէ զօրութիւն, ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Քրիստոսով ճշմարիտը կ՚ըսեմ, առանց ստելու, եւ խիղճս ալ Սուրբ Հոգիով կը վկայէ՝ որ մեծ տրտմութիւն մը եւ անհատնում ցաւ մը ունիմ սրտիս մէջ։ Պիտի ուզէի ես ինքս նզովուած ըլլալ Քրիստոսէ՝ իմ արենակից եւ ազգակից եղբայրներուս համար, որոնք Իսրայէլացի են, եւ իրենցն են՝ թէ՛ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու փառքը, թէ՛ Ուխտին գիրքերը, թէ՛ օրէնսդրութիւնը, թէ՛ պաշտամունքը եւ թէ՛ խոստումները։ Իրենցն են նաեւ նահապետները, եւ իրենցմէ էր որ մարմնաւորապէս ծնաւ Քրիստոս, որ բոլորէն վեր եղող յաւէտ օրհնեալ Աստուած է։ Ամէն ։ Եւ սակայն, Աստուծոյ խոստումը բնաւ չի կրնար վրիպած ըլլալ։ Արդարեւ, Իսրայէլէն եղող ամէն մարդ Իսրայէլացի չէ, եւ Աբրահամէն սերած ամէն զաւակ Աստուծոյ որդի չէ. այլ, ինչպէս խոստումն ալ կ՚ըսէր, «Իսահակէն ծնածներն են որ քու սերունդդ պիտի կոչուին»։ Այսինքն, ըսել կ՚ուզէ՝ թէ մարմնաւոր ծնունդները չե՛ն Աստուծոյ որդիները, այլ՝ խոստումով ծնածներն են որ Աստուծոյ սերունդ պիտի նկատուին։ Որովհետեւ Աստուած Աբրահամին խոստում տուած եղաւ՝ երբ ըսաւ. «Գալ տարի այս ատեն պիտի գամ եւ Սառա զաւակ մը պիտի ունենայ»։ Բայց ո՛չ միայն այսքան։ Ռեբեկա մէկ յղութեամբ երկուորեակ զաւակ ունեցաւ մեր հօրմէն՝ Իսահակէն։ ինչպէս որ գրուած է. «Յակոբը սիրեցի, իսկ Եսաւը՝ մերժեցի»։ Արդ, ի՞նչ ըսենք. միթէ Աստուծոյ քով անարդարութի՞ւն կայ։ Բնա՛ւ երբեք։ Արդարեւ, Մովսէսին կ՚ըսէ. «Որու որ ողորմիլ կ՚ուզեմ՝ պիտի ողորմիմ, որու որ գթալ կ՚ուզեմ՝ պիտի գթամ»։ Յստակ է, որ ո՛չ մարդուս կամեցողութենէն եւ ո՛չ ալ թափած ճիգէն կախում ունի, այլ միայն Աստուծոյ ողորմութենէն։ Ինչպէս որ Սուրբ գիրքին մէջ Աստուած փարաւոնին կ՚ըսէ. «Քեզ բարձրացուցի՝ որպէսզի քեզմով իմ զօրութիւնս ցոյց տամ եւ անունս ճանչցուի ամբողջ աշխարհի մէջ»։ Կը նշանակէ թէ որուն որ ուզէ՝ կ՚ողորմի եւ որուն որ սիրտը կարծրացնել ուզէ՝ կը կարծրացնէ։ Անշուշտ կրնայ մէկը հարցնել.– Ուրեմն՝ ալ ի՞նչ կը մեղադրէ։ Ո՞վ իր կամքին հակառակ կրցած է կենալ։ Բայց ո՞վ ես դուն, ո՛վ մարդ, որ Աստուծոյ դէմ կը խօսիս։ «Միթէ ստեղծուածը կրնա՞յ իր ստեղծիչին ըսել՝ ինչո՞ւ զիս այսպէս ստեղծեցիր»։ Կամ կաւագործ բրուտը իրաւունք չունի՞ նոյն շաղուածքէն տարբեր անօթներ շինելու, մէկը պատուական, միւսը հասարակ։ Արդ, Աստուած իր բարկութիւնը ցոյց տալ եւ իր զօրութիւնը ճանչցնել ուզելով՝ մեծ համբերատարութեամբ համբերեց բարկութեան արժանի մարդոց, որոնք կորուստի դատապարտուած են, որպէսզի միւս կողմէ իր մեծ փառքը յայտնուի անոնց վրայ՝ որոնք իր ողորմութեան արժանի են եւ որոնք ինք սկիզբէն պատրաստեց՝ իր փառքին մասնակից դարձնելու համար։ Այս վերջինները մենք ենք, որ Աստուած կանչեց ո՛չ միայն Հրեաներէն, այլ նաեւ բոլոր ազգերէն, ինչպէս որ Ովսէա մարգարէին բերնով կ՚ըսէ.– «Ան որ իմ ժողովուրդս չէր՝ իմ ժողովուրդս պիտի կոչեմ, ան որ սիրելի չէր ինծի՝ սիրելի պիտի կոչեմ։ Եւ ճիշդ այնտեղ ուր իրենց ըսի՝ “Դուք իմ ժողովուրդս չէք”, այնտեղ անոնք կենդանի Աստուծոյ որդիները պիտի կոչուին»։ Իսկ Եսայի մարգարէն Իսրայէլի համար այսպէս կը գոչէ. «Նոյնիսկ եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին չափ ըլլայ, պզտիկ մնացորդ մը միայն պիտի փրկուի։ Որովհետեւ Տէրը արդարութեամբ եւ ամբողջապէս կը կատարէ իր խոստումը, եւ անյապաղ պիտի կատարէ իր խոստումը երկրի վրայ»։ Եւ ինչպէս կանխաւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ Եսայի.– «Եթէ Ամենակալ Տէրը մեզմէ մնացորդ մը պահած չըլլար՝ Սոդոմի եւ Գոմորի նման կորսուած պիտի ըլլայինք»։ Ուրեմն ի՞նչ կ՚եզրակացնենք։ Հեթանոսները, որոնք Աստուծոյ արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարացան, որովհետեւ Քրիստոսի հաւատացին. մինչդեռ Իսրայէլի ժողովուրդը չարդարացաւ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ, որ տրուած էր՝ մարդիկը արդարացնելու համար։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ չհաւատաց Քրիստոսի, եւ կը կարծէր թէ Օրէնքին գործադրութեամբը պիտի արդարանայ։ Ատիկա իսկ պատճառ եղաւ որ գլորին «գայթակղութեան առիթ հանդիսացող քար» ին վրայ, այսինքն՝ Քրիստոսի, որուն համար մարգարէութեան մէջ գրուած է.– «Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ քար մը՝ որ գլորումի առիթ պիտի ըլլայ, ժայռ մը՝ որ գայթակղութեան առիթ պիտիհանդիսանայ։ Բայց անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»։ Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ որ Աստուած փրկէ Իսրայէլացիները, որովհետեւ կրնամ իրենց մասին վկայել՝ թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ։ Անոնք չհասկցան, թէ Աստուած ի՛նչ ձեւով կ՚ուզէր արդարացնել մարդիկը։ Արդարանալու իրենց հասկցած ձեւին կառչեցան եւ ուստի չընդունեցին Աստուծոյ արդարութեան ուղին։ Մինչդեռ Քրիստոսով Օրէնքը իր վախճանին հասած է եւ միայն Քրիստոսի հաւատացողը կ՚արդարանայ։ Օրէնքէն եկող արդարութեան մասին Մովսէս կը գրէ. «Ով որ զայն կատարէ՝ անով պիտի փրկուի»։ Իսկ հաւատքէն եկող արդարութեան մասին այսպէս կ՚ըսէ. «Դուն քեզի մի՛ ըսեր.– Ո՞վ երկինք պիտի ելլէ», ըսել կ՚ուզէ՝ Քրիստոսը հոնկէ իջեցնելու համար. «Կամ մի՛ ըսեր.– Ո՞վ անդունդ պիտի իջնէ», այսինքն՝ Քրիստոսը մեռելներէն հանելու համար։ Նայէ ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ գիրքը. «Աստուծոյ պատգամը մօտիկ է քեզի, քու բերնիդ եւ սրտիդ մէջ է». ըսել կ՚ուզէ՝ հաւատքի պատգամը, որ մենք կը քարոզենք։ Որովհետեւ եթէ բերանովդ խոստովանիս թէ Յիսուս Տէր է, եւ սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զինք մեռելներէն յարուցանեց՝ կը փրկուիս։ Այսինքն, ոեւէ մէկը որ իր սրտին մէջ կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ, եւ երբ բերանով խոստովանի՝ կը փրկուի։ Եւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Ով որ անոր հաւատայ՝ ամօթով պիտի չմնայ»։ Հաւատքի մէջ խտրութիւն չկայ Հրեային ու հեթանոսին միջեւ. բոլորին ալ Տէրը նոյն Տէրն է, որ գթառատ է բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք զինք կը կանչեն, ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ. «Ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ Բայց ի՞նչպէս մարդիկ օգնութեան պիտի կանչէին Քրիստոսը, առանց անոր հաւատացած ըլլալու. կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատային անոր, առանց իր մասին լսած ըլլալու. կամ ի՞նչպէս պիտի լսէին, եթէ քարոզող մը չկար. եւ կամ՝ ի՞նչպէս պիտի քարոզէին զայն, առանց Աստուծմէ ղրկուած ըլլալու։ Այդ քարոզութեան կ՚ակնարկէ մարգարէն, երբ կը գրէ. «Ի՜նչ գեղեցիկ է տեսնել աւետիս բերողները, որոնք կու գան խաղաղութեան լուրը տալու եւ գալիք բարօրութիւնը աւետելու»։ Բայց բոլորը չընդունեցին այդ աւետիսը. արդարեւ Եսայի մարգարէ կը գոչէ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»։ Կը նշանակէ, հետեւաբար, թէ հաւատքը ծնունդ կ՚առնէ քարոզութիւնը լսելէն. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ՚արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին։ Բայց, կը հարցնեմ.– Չլսեցի՞ն արդեօք. ընդհակառակը, «Ամբողջ աշխարհ իմացաւ անոնց ձայնը, մինչեւ աշխարհի ծայրերը հասաւ անոնց պատգամը»։ Բայց կրկին կը հարցնեմ.– Արդեօք Իսրայէլ չիմացա՞ւ։ Անշո՛ւշտ իմացաւ։ Ատոր համար է որ Աստուած նախ Մովսէսի միջոցաւ կ՚ըսէ. «Ես ձեր նախանձը պիտի գրգռեմ ժողովուրդով մը, որ դեռ ժողովուրդ չէ. անմիտ ժողովուրդով մը ձեր սիրտը պիտի կսկծեցնեմ»։ Եսայի մարգարէի բերնով Աստուած շատ աւելին կ՚ըսէ. «Զիս գտան անոնք՝ որ զիս չէին փնտռեր. յայտնուեցայ անոնց՝ որոնք ինձմով չէին հետաքրքրուեր»։ Իսկ Իսրայէլի համար կ՚ըսէ. «Ամբողջ օրը փորձեցի ետ ինծի դարձնել անհնազանդ եւ ինձմէ ապստամբած ժողովուրդը»։ Արդ, կը հարցնեմ.–Արդեօք Աստուած մերժե՞ց իր ժողովուրդը։ Բնա՛ւ երբեք։ Որովհետեւ ես ինքս ալ Իսրայէլացի եմ, Աբրահամի սերունդ, Բենիամինիցեղէն։ «Աստուած չմերժեց իր ժողովուրդը», զոր սկիզբէն ընտրեց։ Կամ չէ՞ք գիտեր ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ գիրքը Եղիայի մասին, թէ ի՛նչպէս Եղիա Իսրայէլը կ՚ամբաստանէր Աստուծոյ առջեւ, ըսելով. « Տէ՛ր, մարգարէներդ կոտորեցին, զոհասեղաններդ կործանեցին. միայն ես մնացի, եւ զիս ալ կ՚ուզեն սպաննել»։ Բայց ի՞նչ կը պատասխանէ իրեն Աստուած. «Ինծի համար եօթը հազար մարդ պահեցի,– կ՚ըսէ,– որոնք Բահաղին երկրպագութիւն չըրին»։ Ներկայ ժամանակին նոյնպէս Աստուած իր շնորհքին իբրեւ արտայայտութիւն՝ իր ընտրութեամբ մնացորդ մը պահեց։ Արդ, եթէ ընտրութիւնը շնորհքի արտայայտութիւն է՝ ուրեմն մարդոց գործերէն կախում չունի. ապա թէ ոչ՝ շնորհքը այլեւս շնորհք չ՚ըլլար։ Ուրե՞մն։ Իսրայէլ չկրցաւ ձեռք բերել այն՝ ինչ որ կ՚ուզէր. միայն ընտրեալ մնացորդն էր որ տիրացաւ անոր, իսկ միւսները Աստուծոյ շնորհքին դէմ փակեցին իրենց սիրտերը, ինչպէս որ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Աստուած ապշութեան մատնեց զանոնք, որպէսզի աչք ունենալով հանդերձ՝ չտեսնեն, ականջ ունենալով հանդերձ՝ չլսեն, դեռ մինչեւ այսօր»։ Իսկ Դաւիթ կ՚ըսէ.– «Թող անոնց սեղանը որոգայթ ու ծուղակ ըլլայ իրենց համար, գայթակղութիւն եւ հատուցում ըլլայ իրենց համար։ Թող խաւարին աչքերն անոնց, որպէսզի չտեսնեն. յաւիտեան գլխիկոր դարձուր զանոնք»։ Արդ, կը հարցնեմ.– Միթէ դիտմամբ մոլորեցան որ կորուստի՞ մատնուին։ Բնա՛ւ երբեք։ Բայց անոնց յանցանքը պատճառ եղաւ, որ Աստուած փրկութիւնը հեթանոսներուն ղրկէ, որպէսզի անոնց նախանձըգրգռէ։ Բայց եթէ անոնց յանցանքը պատճառ եղաւ որ աշխարհը Աստուծոյ շնորհքով հարստանայ, այսինքն՝ անոնց նուաստացումը պատճառ եղաւ որ հեթանոսները Աստուծոյ շնորհքով հարստանան, ո՜րքան աւելի մեծ պիտի ըլլայ բարիքը՝ երբ անոնք բոլորը հասնին փրկութեան։ Բայց ձեզի՝ հեթանոսներուդ կ՚ըսեմ.– Հեթանոսներուն առաքեալ ըլլալու իմ պաշտօնովս կը պարծենամ, մտածելով որ թերեւս այս ձեւով ազգակիցներուս նախանձը գրգռեմ եւ յաջողիմ անոնցմէ ոմանք փրկել։ Որովհետեւ, եթէ Աստուած զանոնք մերժեց՝ որպէսզի հեթանոս աշխարհը հաշտեցնէ իրեն հետ, կը նշանակէ թէ երբ վերստին ընդունի զանոնք՝ մեռելներու յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ։ Թէ Աստուած վերստին պիտի ընդունի զանոնք՝ յստակ է, որովհետեւ երբ բերքին երախայրիքը Աստուծոյ ընծայուած է, կը նշանակէ թէ ամբողջը Աստուծոյ ընծայուած է. նոյնպէս, եթէ ծառին արմատները Աստուծոյ նուիրուած են, կը նշանակէ թէ ճիւղերն ալ Աստուծոյ նը— ւիրուած են։ Ճիշդ է որ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, եւ դուն՝ որ վայրի ձիթենի մըն էիր՝ անոնց տեղ պատուաստուեցար եւ այդ ձիթենիին արմատներէն եկող հարուստ աւիշը ըմպեցիր։ Բայց մի՛ պարծենար եւ մի՛ արհամարհեր կոտրած ճիւղերը. մի՛ մոռնար որ դո՛ւն արմատներուն վրայ հաստատուած ես եւ ո՛չ թէ արմատները քու վրադ։ Հիմա պիտի ըսես՝ «Աստուած այդ ճիւղերը կտրեց՝ զիս պատուաստելու համար»։ Իրաւ է, անոնք՝ Հրեաները կտրուեցան՝ որովհետեւ չհաւատացին, եւ դուն՝ հեթանոսդ, հաւատալուդ համար արմատին վրայ հաստատուեցար. բայց մի՛ հպարտանար, այլ՝ վախցիր։ Որովհետեւ եթէ Աստուած բուն ճիւղերուն չխնայեց, թերեւս քեզի երբեք չխնայէ։ Տե՛ս թէ ո՛րքան բարի է Աստուած եւ խիստ՝ միաժամանակ։ Խիստ է հաւատքի մէջ կործանածներուն հանդէպ եւ բարի՝ քեզի հանդէպ, պայմանաւ որ շարունակես անոր բարութեան արժանի մնալ. այլապէս դուն ալ պիտի կտրուիս։ Նոյնպէս ալ, եթէ Հրեաները թողուն իրենց անհաւատութիւնը, կրկին պիտի պատուաստուին արմատին վրայ, որովհետեւ Աստուած կրնայ զանոնք վերստին պատուաստել։ Եթէ դուն, որ իսկականին մէջ վայրի ձիթենի մըն էիր, կտրուեցար եւ պատուաստուեցար ընտանի ձիթենիին վրայ որ քու բունդ չէր, որքա՜ն աւելի դիւրութեամբ պիտի պատուաստուին նոյն այդ ձիթենիին բնական ճիւղերը։ Եղբայրնե՛ր, որպէսզի դուք ձեզ իմաստուն չհամարէք՝ կ՚ուզեմ որ Աստուծոյ ծրագիրին վերաբերմամբ հետեւեալ ծածուկ խորհուրդը գիտնաք, թէ Իսրայէլի մէկ մասին ցուցաբերած յամառ մերժումը պիտի տեւէ այնքան՝ մինչեւ որ բոլոր հեթանոսները Աստուծոյ դառնան. որմէ ետք ամբողջ Իսրայէլն ալ պիտի փրկուի։ Ինչպէս որ գրուած է.– «Սիոնէն պիտի գայ Փրկիչը, եւ Յակոբի սերունդին մեղքերը մէկ կողմ պիտի դնէ։ Եւ ասիկա պիտի ըլլայ այն ուխտը որ պիտի կնքեմ անոնց հետ, երբ իրենց մեղքերը ջնջեմ»։ Թէպէտ Աւետարանին հանդէպ իրենց կեցուածքով անոնք Աստուծոյ թշնամի եղան, ինչ որ ձեզի նպաստաւոր եղաւ, բայց Աստուծոյ ընտրութիւնը նկատի ունենալով՝ անոնք սիրելի են Աստուծոյ, իրենց հայրերուն սիրոյն։ Որովհետեւ Աստուծոյ պարգեւներն ու կոչումը անդառնալի են։ Որովհետեւ, ինչպէս որ դուք ժամանակ մը անհնազանդ էիք Աստուծոյ, իսկ հիմա Աստուծոյ ողորմութեան արժանացաք անոնց անհնազանդութեամբը, այնպէս ալ հիմա անոնք մերժեցին Աստուծոյ հնազանդիլ՝ ձեր գտած ողորմութեան պատճառով, որպէսզի իրենք եւս ողորմութեան արժանանան։ Արդարեւ Աստուած էր որ բոլոր մարդիկը անհնազանդութեան ենթակայ պահեց, որպէսզի բոլորին ալ ողորմի։ Օ՜, ի՜նչ խորունկ են Աստուծոյ առատ ողորմութիւնը, իմաստութիւնն ու գիտութիւնը։ Որքա՜ն անքննելի են անոր վճիռները, եւ անզննելի են անոր ճամբաները։ Եւ իրապէս, «Ո՞վ կրցաւ երբեք Տիրոջ միտքը կարդալ, կամ ո՞վ երբեք խորհուրդ տուաւ անոր. կամ ո՞վ ինչ տուաւ անոր երբեք, որ փոխարէնը առնելիք ըլլայ անկէ»։ Որովհետեւ ամէն ինչ իրմէ է, իրմով եւ իրեն համար գոյութիւն ունի։ Յաւէտ փա՜ռք իրեն։ Ամէն ։ Ուստի, եղբայրնե՛ր, քպնի Աստուպծ ա՜յնքան ողորմպծ եղաւ մեզի հանդէպ, կ՚աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը։ Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ։ Ինծի տրուած Աստուծոյ շնորհքով հետեւեալ պատուէրը կու տամ իւրաքանչիւրիդ.– Մեծամիտ մի՛ ըլլաք. ընդհակառակը, միշտ համեստ եղէք եւ միայն Աստուծմէ ձեզի տրուած հաւատքին չափով գնահատեցէք դուք ձեզ։ Ինչպէս մեր մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնց պաշտօնը նոյնը չէ սակայն, այնպէս ալ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ մենք բոլորս մէկ մարմին ենք։ Թէպէտ որպէս անդամներ իրարու կապուած ենք, բայց Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիստարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք։ Եթէ մարգարէութեան պարգեւըունինք՝ պէտք է պատգամենք մեր հաւատքին համեմատ։ Եթէ ծառայելու շնորհքը տրուած է՝ պէտք է ծառայենք։ Եթէ ուսուցանելու ձիրքը ունինք՝ պէտք է ուսուցանենք։ Եթէ յորդորելու կարողութիւնը ունինք՝ պէտք է յորդորենք։ Իր ունեցածը ուրիշներուն բաժնողը առատօրէն թող բաշխէ։ Վերակացու եղողը եռանդագին թող աշխատի։ Ողորմութիւն ընողը խնդութեամբ թող ընէ։ Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ։ Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք։ Եղբօրպէս իրար սիրեցէք գորովանքով։ Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք։ Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու։ Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք։ Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք։ Կարիքի մէջ եղող եղբայրներուն օգնեցէք եւ միշտ հիւրասէր եղէք։ Օրհնեցէ՛ք ձեզ հալածողները. մի՛ անիծէք, այլ օրհնեցէք։ Ուրախացողներուն հետ ուրախացէք եւ լացողներուն հետ լացէք։ Բոլորին հանդէպ նոյն վերաբերումը ունեցէք. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, խոնարհ մարդոց ալ ընկերութիւն ընելու զիջեցէք, եւ դուք ձեզ իմաստուն մի՛ համարէք։ Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով մի՛ հատուցանէք։ Ջանացէք ընել այն՝ ինչ որ բոլոր մարդոց աչքին բարի է։ Որքան կրնաք՝ ամենուն հետ խաղաղ ապրեցէք։ Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա. որովհետեւ Տէրը Սուրբ գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. ե՛ս պիտի հատուցանեմ», իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.– «Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն. եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր։ Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՚այրէ»։ Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին։ Ամէնմարդ պէտք է հնազանդի պետական իշխանութեանց, որովհետեւ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են։ Ուստի, ով որ իշխանութեանց կը հակառակի՝ Աստուծոյ հրամանին է որ հակառակած կ՚ըլլայ, եւ հակառակողները իրենք զիրենք դատապարտութեան տակ կը դնեն։ Իշխողները վախ չեն պատճառեր բարիք գործողներուն, այլ միայն չարագործներուն։ Դուն կ՚ուզե՞ս իշխանութենէն չվախնալ։ Բարի՛ք գործէ, եւ անկէ գովասանք կը լսես. որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեան է անիկա, քու բարիքիդ համար կարգուած։ Իսկ եթէ չար գործես՝ վախցի՛ր անկէ, որովհետեւ զուր տեղը չէ որ սուր կը կրէ. որպէս Աստուծոյ պաշտօնեայ՝ բարկութեամբ կը դատէ եւ կը պատժէ չարագործները։ Ահա թէ ինչու՝ պէտք է իշխանութեանց հնազանդիլ. ո՛չ միայն պատիժէն զերծ մնալու, այլ մանաւանդ խիղճով հանգիստ ըլլալու համար։ Ատոր համար է նաեւ, որ իշխանութեանց տուրք կը վճարէք, որպէսզի իբրեւ Աստուծոյ պաշտօնեաներ՝ շարունակեն իրենց այդ դերը կատարել։ Հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք, տուրքը տալով անոր՝ որուն տուրք պէտք է տաք, մաքսը տալով անոր՝ որուն մաքս պէտք է տաք, հնազանդելով անոր՝ որուն հնազանդութիւն կը պարտիք եւ յարգելով ան՝ որուն յարգանք կը պարտիք։ Ոեւէ մէկուն ոեւէ բանով պարտական մի՛ մնաք. միմիայն իրար սիրելու պարտաւորութիւնը ունեցէք, քանի որ իր ընկերը սիրողը կատարած կ՚ըլլայ Աստուծոյ Օրէնքը ։ Որովհետեւ Աստուծոյ պատուիրանները, «Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, մի՛ ցանկար» եւ միւս բոլորը, խտացած են սա միակ պատուիրանին մէջ. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Ով որ իր ընկերը կը սիրէ, չարիք չ՚ըներ անոր։ Ուրեմն սիրել՝ կը նշանակէ Աստուծոյ Օրէնքը լման գործադրել։ Սիրոյ այս սկզբունքով ընթացէք, գիտնալով թէ ի՛նչ ժամանակի մէջ կ՚ապրինք։ Ժամանակն է որ քունը թօթափենք եւ արթննանք, որովհետեւ հիմա փրկութիւնը աւելի մօտ է մեզի, քան այն ատեն՝ երբ հաւատացինք։ Գիշերը ահա կ՚անցնի եւ ցերեկը մօտ է։ Ուստի խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք, ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ ու պղծութեամբ, կամնախանձով ու հակառակութեամբ ապրելու։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկարագիրը ձեր վրայ առէք, եւ մարմնի ցանկութիւնները կատարելու հետամուտ մի՛ ըլլաք։ Հաւատքի մէջ տկարացած մէկը ընդունեցէք՝ առանց իր խիղճը տանջող կասկածները քննադատելու։ Օրինակ, մէկը կը հաւատայ՝ թէ ամէն ինչ կարելի է ուտել։ Ուրիշ մը, որ կասկած ունի այդ մասին, բանջարեղէն կ՚ուտէ միայն։ Ամէն ինչ ուտողը թող չարհամարհէ չուտողը, իսկ չուտողը թող չքննադատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած զայն ընդուներ է։ Ո՞վ ես դուն, որ Աստուծոյ ծառան կը դատես։ Տէրը ի՛նք միայն գիտէ՝ իր հաւատքին մէջ կանգո՞ւն է անիկա, թէ ինկած։ Բայց վստահ եղէք որ կանգուն պիտի մնայ, որովհետեւ Տէրը կրնայ զայն կանգուն պահել։ Նոյնպէս, ոմանք կը խորհին՝ թէ զԱստուած պաշտելու համար այսինչ օրը աւելի կարեւոր է քան միւս օրը, մինչ ուրիշներու համար բոլոր օրերը նոյնն են։ Իւրաքանչիւրը թող իր համոզումը պահէ։ Կը բաւէ որ թէ՛ յատուկ օր մը փնտռողը եւ թէ՛ օրերու միջեւ խտրութիւն չդնողը երկուքն ալ Տէրը պատուել կը խորհին։ Նոյնպէս ալ, թէ՛ ամէն ինչ ուտողը Տէրը կը պատուէ եւ թէ՛ չուտողը, երբ երկուքն ալ Աստուծոյ գոհութիւն կը յայտնեն։ Մեզմէ ոեւէ մէկը ինքն իր անձին համար չ՚ապրիր, ո՛չ ալ ինքն իրեն համար կը մեռնի։ Եթէ կ՚ապրինք՝ Տիրոջ համար կ՚ապրինք, եւ եթէ կը մեռնինք՝ Տիրոջ համար կը մեռնինք, որ կը նշանակէ թէ՝ ըլլա՛յ կեանքի եւ ըլլա՛յ մահուան մէջ՝ Տիրոջ կը պատկանինք։ Ատոր համար ալ Քրիստոս մեռաւ եւ վերակենդանացաւ, որպէսզի Տէրը ըլլայ բոլորին, թէ՛ ապրողներուն եւ թէ՛ մեռածներուն հաւասարապէս։ Ինչո՞ւ կը դատես ուրեմն եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ զայն կ՚արհամարհես։ Բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք, որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.– «Ես ինձմով կ՚երդնում,– կ՚ըսէ Տէրը,– որ ամէն ծունկ պիտի խոնարհի առջեւս եւ ամէն լեզու պիտի խոստովանի թէ ես եմ Աստուածը»։ Քանի ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձին համար հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ, այսուհետեւ դադրի՛նք իրար քննադատելէ, եւ փոխարէնը ջանանք մեր եղբայրներուն գայթակղութեան եւ մեղանչումին պատճառ չդառնալ։ Յիսուս Քրիստոսով հետեւեալը ապահովապէս գիտեմ, թէ ինքնին պիղծ բան չկայ։ Բան մը պիղծ կ՚ըլլայ ա՛յն մարդուն համար, որ զայն պիղծ կը համարէ։ Եթէ գիտես թէ քու ուտելովդ եղբօրդ խղճմտանքը կը վիրաւորես, սիրով շարժած չես ըլլար՝ երբ ուտես։ Քու կերակուրովդ պատճառ մի՛ դառնար որ կորսուի եղբայրդ, որուն համար Քրիստոս իր կեանքը տուաւ։ Առիթ մի՛ տար որ բարի եւ ուղիղ սեպած բանդ հայհոյութեան պատճառ դառնայ։ Որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած։ Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ՚ըլլայ։ Արդ, այսուհետեւ խաղաղութիւն փնտռենք եւ աշխատինք իրարու հաւատքը ամրապնդել։ Չըլլա՛յ որ կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը քանդես։ Ամէն բան ինքնին մաքուր է. բայց սխալ է բան մը ուտել, երբ ատիկա ուրիշ մը կը գայթակղեցնէ։ Աւելի ճիշդ է՝ ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ո՛չ ալ ուրիշ ոեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը գլորի կամ կը գայթակղի կամ կը տկարանայ։ Այս մասին քու համոզումդ՝ քու եւ Աստուծոյ միջեւ թող մնայ։ Երանի՜ անոր որ ինքզինքը դատապարտութեան չ՚ենթարկեր այնպիսի բաներով՝ որով իր ընկերոջ փորձութեան պատճառ կ՚ըլլայ։ Միւս կողմէ, եթէ մէկը կասկած ունի իր կերածին անմաքրութեան մասին, Աստուծոյ դատապարտութեան ենթակայ է՝ եթէ ուտէ, որովհետեւ իր արարքը հաւատքի արդիւնք չէ։ Եւ ինչ որ հաւատքէն չի գար՝ մեղք է։ Մենք, հաւատքով զօրաւոր եղողներս, պէտք է համբերութեամբ տանինք տկարներու տկարութիւնները, եւ միայն մենք մեր մասին չմտածենք։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր շուրջ եղողներով պէտք է հետաքրքրուի՝ անոնց բարիքը խորհելով, անոնց հաւատքըամրապնդելու համար։ Արդարեւ, Քրիստոս ալ ինքզինքը չմտածեց, այլ՝ ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ, «Քեզ նախատողներուն նախատինքները իմ վրաս ինկան»։ Բայց ինչ որ սկիզբէն Սուրբ գիրքին մէջ գրուեցաւ՝ մեր դաստիարակութեան համար գրուեցաւ, որպէսզի համբերութեամբ եւ Սուրբ գիրքերուն մեզի պարգեւած քաջալերանքով՝ յոյս ունենանք։ Թող համբերութիւն եւ ամէն տեսակի քաջալերանք պարգեւողը, Աստուած, շնորհէ՝ որ նոյնը խորհիք իրարու մասին, Յիսուս Քրիստոսի օրինակով, որպէսզի միասիրտ եւ միաբերան փառաւորէք զԱստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը։ Հետեւաբար ընդունեցէ՛ք իրար, ինչպէս որ Քրիստոս ալ ձեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար։ Կ՚ըսեմ ձեզի, թէ Քրիստոս Հրեաներուն ծառայեց՝ որպէսզի Աստուծոյ հաւատարմութիւնը ցոյց տայ եւ նախահայրերուն եղած խոստումները հաստատէ, եւ որպէսզի բոլոր ազգերը զԱստուած փառաւորեն՝ իր ողորմութեանը համար. ինչպէս Սուրբ գիրքին մէջ գրուած է.– «Ատոր համար ալ բոլոր ազգերուն մէջ պիտի փառաւորեմ քեզ, եւ սաղմոսներով քու անունդ օրհներգեմ»։ Ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.– «Ուրախացէ՛ք, ո՜վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ միասին»։ Դարձեալ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.– «Օրհնեցէ՛ք Տէրը, դուք՝ ազգե՛ր բոլոր. գովեցէք զայն, դուք՝ ժողովուրդնե՛ր բոլոր»։ Իսկ Եսայի կ՚ըսէ.– «Յեսսէի արմատը պիտի ծլի եւ պիտիելլէ՝ իշխելու համար ազգերուն, եւ ազգերը իրենց յոյսը անոր պիտի կապեն»։ Արդ, յոյսի պարգեւիչ Աստուածը թող ձեզ ամբողջական ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ լեցնէ՝ իրեն հանդէպ ունեցած ձեր հաւատքովը, որպէսզի Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ յոյսով առատանաք։ Ինչ կը վերաբերի ձեզի, եղբայրնե՛ր, ես ինքս համոզուած եմ որ դուք ինքնին բարութեամբ լեցուն էք եւ ամբողջական գիտութեամբ լեցուած, եւ հետեւաբար կրնաք նաեւ իրար խրատել։ Բայց նամակիս մէջ որոշ տեղեր շատ խիստ եղայ ձեզի հանդէպ՝ կարգ մը բաներ վերյիշեցնելու համար ձեզի։ Աստուած ինծի իր շնորհքը տուաւ, որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի սպասաւորը ըլլամ հեթանոսներուն համար եւ Աստուծոյ Աւետարանին մատակարարման նուիրուիմ, որպէսզի հեթանոսները Աստուծոյ ընծայուին իբրեւ Սուրբ Հոգիով սրբուած ընդունելի պատարագ ։ Թէպէտ իրաւունք ունիմ պարծենալու Քրիստոս Յիսուսով այն վաստակին համար որ ունիմ Աստուծոյ քով, բայց պիտի չհամարձակիմ ուրիշ բան յիշել, եթէ ոչ միայն այն՝ ինչ որ Քրիստոս իմ միջոցաւս կատարեց՝ հեթանոսները Աստուծոյ հնազանդեցնելու համար, խօսքով թէ գործով, զօրաւոր նշաններով ու հրաշքներով, Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ։ Այնպէս որ Երուսաղէմէն սկսեալ մինչեւ Իլլիրիկում՝ ամէն կողմ Քրիստոսի Աւետարանը տարածեցի։ Եւ ինծի պատիւ սեպեցի աւետարանել միայն հոն՝ ուր Քրիստոսի անունը չէր լսուած, որպէսզի ուրիշին դրած հիմին վրայ շինած չըլլամ, այլ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Անոնք՝ որոնց չէր պատմուած իր մասին՝ պիտի տեսնեն, անոնք որոնք չէին լսած իր մասին՝ պիտի իմանան»։ Այս մտահոգութիւնն էր որ բազմաթիւ անգամներ ինծի արգելք եղաւ ձեզի գալու։ Բայց հիմա որ այս կողմերը ա՛լ ընելիք մը չունիմ, եւ երկար տարիներէ ի վեր անձկութեամբ կը փափաքիմ ձեզի գալ, կ՚ուզեմ առիթէն օգտուիլ։ Եթէ Սպանիա անցնելու ըլլամ՝ յոյս ունիմ որ ճամբուս վրայ կը տեսնեմ ձեզ, եւ ձեր օգնութեամբ ալ կ՚անցնիմ հոն, անշուշտ նախ քիչ մը ձեր ներկայութիւնը վայելելէ ետք։ Բայց հիմա Երուսաղէմ կ՚երթամ՝ օգնութիւն տանելու համար այնտեղի հաւատացեալներուն։ Որովհետեւ Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի եղբայրները յօժարակամ ուզեցին իրենց նուէրներով մասնակից դառնալ Երուսաղէմի աղքատ հաւատացեալներու կարիքներուն։ Այդպէս ուզեցին, որովհետեւ նաեւ պարտական կը զգան անոնց հանդէպ։ Եւ արդարեւ, քանի որ հեթանոսներ հաղորդակից եղան անոնց հոգեւոր բարիքներուն, իրենք ալ պարտին մասնակից դառնալ անոնց նիւթական կարիքներուն։ Արդ, այս պարտականութիւնս կատարելէ եւ յիշեալ նուէրները Երուսաղէմի եկեղեցիին յանձնելէ ետք՝ ձեր վրայով Սպանիա պիտի անցնիմ։ Եւ գիտեմ, որ երբ ձեզի գամ՝ Քրիստոսի Աւետարանին ամբողջական օրհնութեամբը պիտի գամ։ Եղբայրնե՛ր, մեր Տիրոջմով՝ Յիսուս Քրիստոսով եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւած սիրովը կ՚աղաչեմ, որ ինծի համար Աստուծոյ աղօթելով պատերազմակից ըլլաք ինծի, որպէսզի Աստուած զիս ազատէ իր կամքին անհնազանդ մարդոց ձեռքէն, որոնք Հրէաստան կը գտնուին, եւ Երուսաղէմ տանելիք օգնութիւնս ընդունելի ըլլայ այնտեղի հաւատացեալներուն։ Որպէսզի նաեւ Աստուծոյ կամքով ուրախութեամբ ձեզի գամ՝ ձեր քով քիչ մը հանգչելու համար։ Խաղաղութեան պարգեւիչը՝ Աստուած ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն։ Ձեզի կը յանձնարարեմ Կենքրայի եկեղեցիին ծառայող մեր Ֆիպէ քոյրը, որպէսզի Տիրոջ անունով ընդունիք զայն՝ ինչպէս որ հաւատացեալներուն կը վայելէ, եւ տէր ըլլաք իրեն՝ երբ ոեւէ բանի պէտք ունենալով դիմէ ձեզի. որովհետեւ ինքն ալ շատերուն տէր եղաւ եւ ամենէն աւելի՝ ինծի։ Բարեւ ըրէք Պրիսկային ու Ակիլասին, Յիսուս Քրիստոսով իմ գործակիցներուս, որոնք իմ կեանքս փրկելու համար իրենց կեանքերն իսկ վտանգի ենթարկեցին։ Ո՛չ միայն ես երախտապարտ եմ իրենց, այլ հեթանոսութենէ դարձած բոլոր եկեղեցիները։ Բարեւ ըրէք նաեւ իրենց տունը հաւաքուող եկեղեցիին։ Բարեւ ըրէք իմ սիրելի Եպենետոսին, որ Ասիա նահանգէն Քրիստոսի առաջին հաւատացողն է։ Բարեւ ըրէք Մարիամին, որ շատ աշխատեցաւ ձեզի համար։ Բարեւ ըրէք Անդրոնիկոսին եւ Յունիասին, իմ ազգակիցներուս եւ բանտակիցներուս, որոնք քաջածանօթ են իրենց առաքելական գործով եւ ինձմէ առաջ ալ քրիստոնեայ դարձած։ Բարեւ ըրէք Ամպլիատոսին, որ Տիրոջմով սիրելի է ինծի։ Բարեւ ըրէք Ուրբանոսին, Տիրոջմով իմ գործակիցիս, եւ իմ սիրելի Ստաքիին։ Բարեւ ըրէք Ապեղէսի, Քրիստոսի հաւատարիմին։ Բարեւ ըրէք Արիստոբուլոսի ընտանիքին։ Բարեւ ըրէք Հերոդիոնին, իմ ազգակիցիս։ Բարեւ ըրէք Նարկիսոսի ընտանիքին, որ Տիրոջ կը հաւատայ։ Բարեւ ըրէք Տրիֆենային եւ Տրիֆոսային, որոնք աշխատեցան Տիրոջ համար։ Բարեւ ըրէք սիրելի Պերսիսին, որ շատ աշխատեցաւ Տիրոջ համար։ Բարեւ ըրէք Ռուֆոսին, Տիրոջ հաւատարիմին, եւ իր մօրը՝ որ իմ մայրս կը նկատեմ։ Բարեւ ըրէք Ասինկրիտոսին, Ֆլեկոնին, Հերմէսին, Պատրոբասին, Հերմասին եւ անոնց հետ եղող հաւատացեալ եղբայրներուն։ Բարեւ ըրէք Ֆիլոլոկոսին եւ Յուլիային, Ներէոսին եւ իր քրոջ, նաեւ Օլիմպասին եւ անոնց հետ եղող բոլոր հաւատացեալներուն։ Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք իրար։ Քրիստոսի բոլոր եկեղեցիները կը բարեւեն ձեզ։ Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, որ զգուշանաք անոնցմէ՝ որոնք երկպառակութեանց եւ գայթակղութեանց պատճառ կ՚ըլլան՝ շեղելով այն վարդապետութենէն որ դուք սորվեցաք։ Հեռո՛ւ փախէք անոնցմէ, որովհետեւ այդպիսիները մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի չէ որ կը ծառայեն, այլ՝ իրենց որովայնին, քաղցր խօսքերով ու կեղծ գովասանքներով պարզամիտները խաբելով։ Ձեր հնազանդութեան համբաւը ամէն տեղ հասած է, եւ ես ձեզմով ուրախ եմ։ Բայց կ՚ուզեմ որ իմաստուն ըլլաք՝ բարի գործեր կատարելով, եւ անմեղադրելի ըլլաք՝ չար գործերէն հեռու մնալով։ Եւխաղաղութեան պարգեւիչը, Աստուած, շուտով ձեր ոտքերուն տակ պիտի խորտակէ Սատանան ։ Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Տիմոթէոս, իմ գործակիցս, ինչպէս նաեւ իմ ազգակիցներս՝ Ղուկիոս, Յասոն եւ Սոսիպատրոս՝ բարեւ կ՚ընեն ձեզի։ (Ես ալ՝ Տերտիոս, որ այս նամակը գրեցի, Տիրոջմով կը բարեւեմ ձեզ)։ Ձեզի բարեւ կ՚ընէ Գայիոսը, իմ հիւրընկալս, որ իր տան մէջ կը հիւրընկալէ նաեւ ամբողջ եկեղեցին։ $եզի բարեւ կ՚ընեն նաեւ Երաստոս, քաղաքիս գանձապետը, եւ Կուարտոս եղբայրը։ Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Փա՜ռք տանք Աստուծոյ, որ կրնայ ձեզ ձեր հաւատքին մէջ հաստատուն պահել այն Աւետարանով՝ որ ձեզի բերի Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով։ Այդ Աւետարանը յայտնութիւնն է Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին, որ անցեալ բոլոր ժամանակներուն մէջ ծածուկ մնացած էր։ Այժմ այդ խորհուրդը, մարգարէական գրութիւններով յայտնուած, մշտնջենաւոր Աստուծոյ հրամանով բոլոր ազգերուն ծանուցուեցաւ, որպէսզի ամէն ոք հաւատայ եւ հնազանդի Քրիստոսի։ Ուստի Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ յաւիտենական փա՜ռք Աստուծոյ, որ ի՛նք միայն իմաստուն է։ Ամէն ։ Ես, Պօղոս, որ Աստուծոյ կամքով կոչուած եմ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը ըլլալու, եւ Սոսթենէս՝ մեր եղբայրը, կը գրենք ձեզի՝ Կորնթոսի մէջ հաստատուած Աստուծոյ եկեղեցիին, որ Քրիստոս Յիսուսով Աստուծոյ ընծայուած եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու կոչուած էք, բոլոր անոնց հետ՝ որոնք ամէն տեղ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը կը պաշտեն իբրեւ իրենց եւ մեր Տէրը։ Թող Աստուած մեր Հայրը եւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։ Միշտ ձեզի համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իմ Աստուծոյս՝ այն շնորհքին համար, որ ձեզի տուաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, ըլլա՛յ որովհետեւ ամէն բանի մէջ հարստացաք իրմով, ըլլա՛յ խօսքի առատութեամբ, ըլլա՛յ գիտութեան։ Այդպէս ալ, Քրիստոսի մասին մեր վկայութիւնը ամրօրէն հաստատուեցաւ ձեր մէջ, եւ ոեւէ շնորհք չի պակսիր ձեզի, մինչ կը սպասէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յայտնուելուն։ Եւ Աստուած մինչեւ վերջ հաստատուն պիտի պահէ ձեզ, որպէսզի անմեղադրելի ըլլաք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դատաստանին օրը։ Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ ձեզ կանչեց՝ հաղորդակից դառնալու իր Որդիին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի։ Եղբայրնե՛ր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով կոչ կ՚ուղղեմ ձեզի, որ բոլորդ միաբանիք, եւ պառակտումներ չըլլան ձեր մէջ. այլ միանաք եւ ըլլաք մէկ միտք, մէկ խորհուրդ։ Որովհետեւ, եղբայրնե՛ր, Քլոյիսի ընտանիքէն ոմանք ձեր մասին խօսած ատեն ինծի իմացուցին՝ թէ հակառակութիւններ կան ձեր մէջ։ Ըսեմ ինչ որ լսեցի։ Թէ՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր բան կ՚ըսէ։ Մին կ՚ըսէ՝ «Ես Պօղոսի կը հետեւիմ», միւսը՝ «Ես Ապողոսին կը հետեւիմ», երրորդ մը կ՚ըսէ՝ «Ես Կեփասին կը հետեւիմ», իսկ ուրիշ մը՝ թէ «Ես Քրիստոսի կը հետեւիմ»։ Միթէ Քրիստոս կողմերո՞ւ բաժնուած է։ Միթէ Պօղո՞ս խաչ բարձրացաւ ձեզի համար. կամ Պօղոսի անունո՞վ մկրտուեցաք։ Փառք Աստուծոյ որ ձեզմէ միայն Կրիսպոսն ու Գայիոսը մկրտեցի. այնպէս որ ոեւէ մէկը չի՛ կրնար ըսել՝ թէ իմ անունովս մկրտուեցաք։ Նաեւ Ստեֆանասի ընտանիքը ես մկրտեցի։ Չեմ կարծեր որ ուրիշ մէկը մկրտած ըլլամ։ Որովհետեւ Քրիստոս զիս մկրտելու չղրկեց, այլ՝ աւետարանելու. եւ աւետարանելու՝ առանց խօսքի ճարտարութեան դիմելու, որպէսզի Քրիստոսի խաչելութեան մասին քարոզութիւնը իր ոյժէն չպարպուի։ Խաչին մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն կը թուի կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար, մինչ մեզի՝ փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուս համար Աստուծոյ զօրութիւնն է անիկա։ Արդարեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.– «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի խափանեմ, խելացիներուն խելքը պիտի կորսնցնեմ»։ Այն ատեն ո՞ւր պիտի մնան իմաստունները կամ ուսեալները եւ կամ այս աշխարհի հարցերը քննողները։ Չէ՞ որ Աստուած ցոյց տուաւ՝ թէ այս աշխարհի իմաստութիւնը յիմարութիւն է։ Որովհետեւ աշխարհը իր ունեցած իմաստութեամբ չկրցաւ ճանչնալ զԱստուած եւ անոր իմաստութիւնը, ուստի Աստուած ուզեց յիմարութիւն համարուած խաչին քարոզութեամբ փրկել անոնք՝ որ կը հաւատան։ Եւ թէպէտ Հրեաներ հրաշք կ՚ուզեն, իսկ Յոյներ իմաստութիւն կը փնտռեն, մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է Հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսներուն համար, թէպէտ նոյն այդ Հրեաներէն ու Յոյներէն կանչուածներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը։ Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինութիւնը, որ Յոյներ յիմարութիւն կ՚որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային ոեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ Հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն։ Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց։ Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով։ Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար. եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները։ Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ Աստուած ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբութիւնը եւ փրկութիւնը, որպէսզի, ինչպէս մարգարէութեան մէջ գրուած է. «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ»։ Ես ալ, եղբայրնե՛ր, երբ ձեզի եկայ՝ իմաստասիրական մեծ–մեծ խօսքերով չէր որ ձեզի պատմեցի Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին մասին, որովհետեւ միակ նպատակ դրած էի՝ ձեզի ճանչցնել Յիսուսը՝ Քրիստոսը, այսինքն նոյնիքն խաչուած Փրկիչը։ Եւ ձեր քով եկած ատենս ալ տկար էր, սաստիկ վախ ու դողի մէջ, եւ իմաստութեան ճարտար խօսքերով չէր որ խօսեցայ կամ քարոզեցի, այլ՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ ներգործութեամբ, որպէսզի ձեր հաւատքը հիմնուի Աստուծոյ զօրութեան վրայ, եւ ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան։ Սակայն հոգեւոր կատարելութեան հասածներուն իմաստութիւն ալ կը քարոզենք։ Բայց մեր քարոզածը ո՛չ այս աշխարհի իմաստութիւնն է, ո՛չ ալ այս աշխարհը կառավարող ոյժերունը, որոնց իշխանութիւնը շուտով պիտի խափանուի։ Մեր քարոզածը Աստուծոյ իմաստութիւնն է, որ թաքուն էր եւ մեզմէ ծածկուած կը մնար մինչեւ հիմա, բայց որ Աստուած սկիզբէն իսկ, յաւիտեաններէն առաջ մեզի տալ սահմանած էր, որպէսզի անով մենք փառաւորուինք։ Այս աշխարհի իշխաններէն ոեւէ մէկը չհասկցաւ այդ իմաստութիւնը. որովհետեւ եթէ հասկցած ըլլային՝ խաչը չէին հաներ Տէրը, որ այդ փառքը պարգեւողն է։ Սակայն, ինչպէս գրուած է.– «Աստուած զինք սիրողներուն համար պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ ոեւէ աչք չէ տեսած, ոեւէ ականջ չէ լսած, եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած»։ Բայց Աստուած մեզի յայտնեց այդ խորհուրդը իր Հոգիին միջոցաւ, որովհետեւ Հոգին, որ ամէն ինչ կը քննէ, գիտէ Աստուծոյ նոյնիսկ ամենածածուկ ծրագիրները։ Մարդոցմէ ո՞վ կրնայ մարդուս խորհուրդները ճանչնալ, եթէ ոչ՝ նոյնինքն մարդուս հոգին որ իր մէջն է։ Նոյնպէս ալ ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ Աստուծոյ խորհուրդները, եթէ ոչ՝ Աստուծոյ Հոգին։ Արդ, մենք այս աշխարհի հոգին չէր որ առինք, այլ՝ Աստուծմէ ղրկուած Հոգին, որպէսզի ճանչնանք Աստուծմէ մեզի շնորհուած պարգեւները։ Եւ ինչ որ կը խօսինք՝ մարդկային իմաստութեան բերումը եղող խօսքեր չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին կողմէ սորվեցուած իմաստութեամբ հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը բացատրենք հոգեւոր մարդոց։ Աստուծոյ Հոգին չունեցող մարդը չ՚ընդունիր Աստուծոյ Հոգիին բերած ճշմարտութիւնները, որովհետեւ անոնք յիմարութիւն կը թուին իրեն. եւ չի կրնար զանոնք ճանչնալ, որովհետեւ անոնք միայն Հոգիով կը քննուին։ Իսկ Աստուծոյ Հոգին ունեցող մարդը ամէն ինչ կը քննէ, բայց ինք ոեւէ մէկէն չի քննուիր։ Ահա թէ ինչու Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Ո՞վ կրցաւ երբեք Տիրոջ միտքը կարդալ, որ կարենայ խորհուրդ տալ անոր»։ Բայց մենք գիտե՛նք թէ Քրիստոս ինչ կը խորհի։ Ես ալ, եղբայրնե՛ր, սկիզբը չէի կրնար ձեզի խօսիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտի խօսէի Աստուծոյ Հոգին ունեցող մարդոց հետ. այլ խօսեցայ այնպէս՝ ինչպէս պէտք էր խօսիլ աշխարհին պատկանող մարդոց։ Քրիստոնէական հաւատքին մէջ դեռ երեխաներ էիք, ուստի կաթ ջամբեցի ձեզի եւ ո՛չ թէ կերակուր, որովհետեւ չէիք կրնար ուտել։ Բայց նոյնիսկ հիմա չէք կրնար, որովհետեւ դեռ աշխարհին պատկանող մարդոց պէս կ՚ապրիք։ Տակաւին ձեր մէջ եղող նախանձն ու հակառակութիւնը միթէ ցոյց չե՞ն տար որ դեռ մարմնաւոր էք եւ աշխարհի չափանիշներով խորհող մարդոց պէս կը վարուիք։ Երբ ձեզմէ մէկը կ՚ըսէ՝ «Ես Պօղոսին կը հետեւիմ», իսկ ուրիշ մը՝ թէ «Ես Ապողոսի կը հետեւիմ», յստակ չէ՞ որ աշխարհիկ մարդոց պէս կը խորհիք։ Վերջին հաշուով՝ Պօղո՛սը ով է, Ապողոսը ով է. պաշտօնեաներ են՝ որոնց միջոցաւ հաւատացիք, եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը պարզապէս կատարեց այն պաշտօնը որ Տէրը տուաւ։ Ես տնկեցի, Ապողոսը ջրեց. բայց Աստուած էր որ աճեցուց։ Այլեւս ո՛չ տնկողը կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ, ո՛չ ալ ջրողը, այլ աճեցնողը՝ Աստուած։ Տնկողն ու ջրողը տարբերութիւն չունին, իւրաքանչիւրը իր աշխատանքին համաձայն իր վարձատրութիւնը պիտի ստանայ։ Որովհետեւ մենք պարզապէս Աստուծոյ գործակիցներ ենք. դուք Աստուծո՛յ անդաստանն էք եւ Աստուծո՛յ շինութիւնը, եւ ո՛չ թէ մերը։ Աստուծոյ ինծի տուած շնորհքին համաձայն, ես՝ որպէս փորձառու ճարտարապետ՝ հաւատքին հիմը դրի. բայց ուրի՛շն է որ անոր վրայ պիտի շինէ։ Ամէն ոք զգոյշ պէտք է ըլլայ, սակայն, թէ ի՛նչպէս կը շինէ։ Որովհետեւ ոեւէ մէկը չի կրնար ուրիշ հիմ դնել, քան Աստուծոյ դրած միակ հիմը, որ Յիսուս Քրիստոս է։ Այդ հիմինվրայ շինուածըկրնայ ոսկի, արծաթ կամ թանկագին քար ըլլալ, եւ կամ կրնայ փայտ, խոտ կամ եղէգ ըլլալ։ Իւրաքանչիւրին գործը դատաստանի օրը պիտի յայտնուի, եւ ատիկա կրակը պիտի յայտնէ, որովհետեւ իւրաքանչիւրին գործին որակը կրակով պիտի փորձուի։ Եթէ մէկուն շինածը կրակին դիմանայ՝ ենթական պիտի վարձատրուի. իսկ եթէ այրի՝ ենթական պիտի տուժէ, այսինքն թէեւ անձը ինք պիտի փրկուի, սակայն իր գործերուն համար վարձատրութիւն պիտի չստանայ։ Չէ՞ք գիտեր թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ։ Հետեւաբար եթէ մէկը Աստուծոյ տաճարը քանդէ՝ Աստուած ալ զինք կորուստի պիտի մատնէ, որովհետեւ Աստուծոյ տաճարը սուրբ է. եւ դո՛ւք էք այդ տաճարը։ Ոեւէ մէկը ինքզինք թող չխաբէ։ Ձեզմէ ով որ այս աշխարհին չափանիշով ինքզինք իմաստուն կը կարծէ, թող յիմար ըլլայ՝ որպէսզի իրաւ իմաստուն ըլլայ։ Որովհետեւ այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ աչքին յիմարութիւնէ, ինչպէս Սուրբ գիրքերուն մէջ գրուած է. «Աստուած իմաստունները իրենց ճարպիկութեան մէջ կը բռնէ»։ Իսկ ուրիշ տեղ մը գրուած է. «Տէրը գիտէ իմաստուններու խորհուրդները, որոնք անարժէք են»։ Հետեւաբար, թող ոեւէ մէկը չպարծենայ մարդոցմով, որովհետեւ ամէն ինչ ձեզի համար է. Պօղո՛սն ալ ձեզի համար է, Ապողո՛սն ալ, Կեփա՛սն ալ։ Նոյնպէս այս աշխարհը, թէ՛ կեանքը, թէ՛ մահը, թէ՛ ներկան եւ թէ՛ ապագան, բոլորը ձեզի համար են։ Իսկ դուք Քրիստոսի կը պատկանիք, եւ Քրիստոս ալ՝ Աստուծոյ։ Հետեւաբար՝ պէտք է մեզ նկատէք Քրիստոսի սպասաւորները, իբրեւ մարդիկ՝ որոնց յանձնուած է Աստուծոյ ծածուկ ծրագիրին վերակացութիւնը։ Արդ, վերակացութիւն ընող մարդէ մը կը պահանջուի՝ հաւատարիմ ըլլալ։ Ուստի ինծի համար բնաւ նշանակութիւն չունի թէ դուք ի՛նչպէս կը դատէք զիս, կամ մարդիկ ի՛նչպէս կը դատեն։ Ես ինքզինքս ալ չեմ դատեր։ Խիղճս հանդարտ է, բայց ատով չեմ արդարանար հարկաւ, որովհետեւ Տէրն է որ զիս կը դատէ։ Ուստի դուք ալ ոեւէ մէկը մի՛ դատէք ժամանակէն առաջ, մինչեւ գայ Տէրը, որ մարդոց մութ գաղտնիքները լոյսին պիտի բերէ եւ երեւան պիտի հանէ միտքերուն մէջ ծածկուած խորհուրդները։ Ահա այն ատեն իւրաքանչիւրը Աստուծմէ պիտի ստանայ արժանի գովասանքը։ Եղբայրնե՛ր, ձեզի համար ինքզինքս եւ Ապողոսը օրինակ դարձուցի ըսածներուս, որպէսզի մեզմէ սորվիք չհպարտանալ, կամ ինչպէս առածը կ՚ըսէ՝ «Ոչինչ՝ գրուածէն անդին», եւ որպէսզի այնքան մը չպարծենաք մէկով՝ ուրիշ մը արհամարհելու չափ։ Ոեւէ մէկէն տարբեր բան մը չես. եւ եթէ Աստուծմէ առած ես՝ ինչո՞ւ կը պարծենաս, մէկու մը պէս՝ որ կը խորհի թէ Աստուծմէ բան առած չէ։ Կը կարծէք թէ արդէն ամէն ինչ ունի՞ք. կը կարծէք թէ արդէն հարստացա՞ծ էք, եւ առանց մեզի արդէն թագաւորեցի՞ք։ Երանի՜ թէ թագաւորութեան հասած ըլլայիք, որպէսզի մենք ալ ձեզի հետ թագաւորէինք։ Ինծի այնպէս կը թուի, թէ Աստուած մեզ՝ առաքեալներս մարդոց մէջ յետին դասեց, մահապարտներու պէս, եւ մենք տեսարան եղանք ամբողջ աշխարհին, թէ՛ հրեշտակներուն եւ թէ՛ մարդոց։ Մենք Քրիստոսի սիրոյն «յիմար» եղանք, իսկ դուք հազիւ Քրիստոսի միացած՝ իմաստո՞ւն եղաք. մենք՝ տկար, իսկ դուք՝ հզօ՞ր. մենք՝ անարգ, իսկ դուք փառաւո՞ր։ Մինչեւ օրս յաճախ անօթի ալ կը մնանք, ծարաւ ալ, կիսամերկ ալ. յաճախ ծեծի կ՚ենթարուինք, բնաւ մնայուն կայք չունինք, եւ մեր հացն ալ սեփական աշխատանքով կը ճարենք։ Մարդիկ կը հայհոյե՞ն մեզի, մենք կ՚օրհնենք։ Կը հալածե՞ն մեզ, կը համբերենք։ Կը վարկաբեկե՞ն մեզ, մենք ազնուութեամբ կը պատասխանենք։ Ամբողջ աշխարհին նախատինքին թիրախ դարձանք եւ բոլորին անարգանքին առարկան եղանք մինչեւ օրս։ Այս բաները կը գրեմ՝ ո՛չ թէ ձեզ ամօթով ձգելու, այլ՝ խրատելու համար ձեզ, որպէս իմ սիրելի որդիներս։ Որովհետեւ նոյնիսկ եթէ բիւրաւոր դաստիարակներ ունենաք՝ ձեզ Քրիստոսի առաջնորդելու համար, բայց ինձմէ զատ հայր չէք կրնար ունենալ, որովհետեւ ե՛ս էի որ Աւետարանին քարոզութեամբ ձեզի հայր եղայ՝ որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի պատկանիք։ Հետեւաբար, կը խնդրեմ ձեզմէ, ինծի նմանեցէք։ Ատոր համար ալ ձեզի ղրկեցի Տիրոջմով իմ սիրելի եւ հաւատարիմ որդիս՝ Տիմոթէոսը, որպէսզի ձեզի յիշեցնէ իմ սորվեցուցած սկզբունքներս, որոնք Քրիստոս Յիսուսի պատկանողներունը պէտք է ըլլան, ինչպէս ամէն տեղ բոլոր եկեղեցիներուն կը սորվեցնեմ։ Ձեզմէ ոմանք սկսեր են գոռոզանալ, խորհելով որ այլեւս ես չեմ գար ձեր մօտ։ Բայց շուտով պիտի գամ, եթէ Տէրը կամենայ, ո՛չ թէ այդ հպարտացած մարդոց խօսքերը լսելու, այլ անոնց զօրութիւնը տեսնելու համար։ Որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը խօսքով չէ որ ինքզինք կը յայտնէ մարդոց կեանքին մէջ, այլ՝ գործով։ Արդ, ի՞նչպէս կ՚ուզէք, գաւազանո՞վ գամ ձեզի, թէ սիրով եւ ազնուութեամբ։ Լսեցիձերմէջ տեղիունեցած անբարոյութեան մը մասին. եւ այնպիսի անբարոյութիւն մը՝ որ նոյնիսկ հեթանոսներուն մօտ դատապարտուած է։ Լսեցի արդարեւ, թէ մարդուն մէկը իր հօրը կնոջ հետ կը կենակցի։ Եւ դեռ դուք կը հպարտանա՞ք. պէտք չէ՞ր, ընդհակառակը, սգայիք, եւ ձեր մէջէն դուրս դնէիք այդ անբարոյութիւնը գործողը։ Ես թէպէտեւ մարմինով հեռու՝ բայց հոգիով ձեզի հետ եմ, եւ արդէն իբրեւ ձեր մէջ ներկայ՝ վճիռս տուի։ Կ՚ուզեմ որ երբ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով իրարու քով գաք, եւ ես ալ հոգիով ձեզի հետ ըլլամ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի տուած իշխանութեամբ՝ այդ անբարոյութիւնը գործողը իր մարմինով Սատանային կամքին ձգէք, որպէսզի մարմինը կորսուի, եւ այսպիսով թերեւս հոգին փրկուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դատաստանին օրը։ Ճիշդ չէ որ պարծենաք։ Չէ՞ք գիտեր առածը, որ կ՚ըսէ. «Քիչ մը թթխմորը ամբողջ զանգուածը կը խմորէ»։ Չարութեան հին խմորը դուրս նետեցէք ձեզմէ, որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր զանգուած մը ըլլաք, ինչպէս որ էք արդէն, քանի որ Քրիստոս՝ մեր Զատիկին Գառնուկը մորթուեցաւ։ Ուստի Զատիկը տօնենք՝ ո՛չ թէ հին խմորով, այսինքն՝ ո՛չ թէ չարութեան եւ անզգամութեան խմորը պահելով մեր մէջ, այլ՝ առանց թթխմորի, այսինքն՝ անկեղծութեամբ եւ ճշմարտախօսութեամբ։ Նամակիս մէջ ձեզի գրած էի, որ անբարոյ մարդոց հետ չյարաբերիք։ Բայց յստակ է որ խօսքս հեթանոս աշխարհին անբարոյ մարդոց կամ ագահներուն կամ յափշտակողներուն կամ կռապաշտներուն մասին չէր. այլապէս ստիպուած պիտի ըլլայիք այս աշխարհէն հեռանալու։ Մինչդեռ այդ տողերովս ըսել կ՚ուզէի որ չյարաբերիք անոնց հետ՝ որոնք թէպէտ քրիստոնեայ եղբայր կը կոչուին, բայց կա՛մ պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կա՛մ ագահ կամ բամբասող, կա՛մ գինեմոլ եւ կամ յափշտակող։ Այնպիսիներուն հետ նոյնիսկ սեղան մի՛ նստիք։ Ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ, երբ ձեզմէ մէկը ոեւէ խնդիր ունի իր ընկերոջ հետ՝ կը համարձակի անհաւատ հեթանոսներու դատաստանին դիմել, փոխանակ Աստուծոյ եկեղեցիինդիմելու ։ Միթէ չէ՞ք գիտեր, թէ Աստուծոյ ժողովուրդն է որ պիտի դատէ աշխարհը։ Եւ եթէ աշխարհը դուք պիտի դատէք, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ որ չնչին դատ մը իսկ չէք կրնար տեսնել։ Չէ՞ք գիտեր թէ հրեշտակներն իսկ մենք պիտի դատենք, ալ ո՛ւր մնաց՝ այս աշխարհի խնդիրները։ Արդ, ձեր հասարակ խնդիրներուն համար ի՞նչպէս կրնաք դատաւոր կարգել անոնք՝ որոնք եկեղեցիին կողմէ մերժելի են։ Ամօթ չէ՞ ձեզի։ Ձեր մէջ չկա՞յ իմաստուն մը որ կարենայ ձեր միջեւ ծագած խնդիրները վճռել, որ քրիստոնեայ եղբայր մը իր հաւատակից եղբայրը դատի կը քաշէ, այն ալ՝ անհաւատներուն առջեւ։ Բայց արդէն իսկ ձեզի համար յանցանք է իրարու դէմ դատ ունենալը։ Աւելի լաւ պիտի ըլլար որ յանձն առնէիք անիրաւուիլ կամ զրկանք կրել։ Մինչդեռ դուք էք որ անիրաւութիւն կ՚ընէք եւ կը զրկէք. եւ ատիկա կ՚ընէք՝ նոյնինքն ձեր հաւատակից եղբայրներուն։ Միթէ չէ՞ք գիտեր որ անիրաւութիւն ընողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Դուք ձեզ չխաբէք։ Անոնք որ պոռնկութիւն կ՚ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ, գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսին չէի՞ն։ Բայց ձեր մեղքերէն լուացուեցաք, սրբուեցաք, արդարացաք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ մեր Աստուծոյ Հոգիին միջոցաւ։ Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց ամէն ինչ օգտակար չէ։ Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց պէտք չէ ոեւէ բանի գերին դառնամ։ Կերակուրը ստամոքսին համար եղած է եւ ստամոքսը՝ կերակուրին. սակայն Աստուած թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը պիտի խափանէ։ Բայց նոյնը չէ մարմինին պարագան։ Մարմինը պոռնկութեան համար չէ, այլ՝ Տիրոջ համար, եւ Տէրը՝ մարմինին։ Որովհետեւ Աստուած ինչպէս որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց՝ այնպէս ալ մեզ պիտի յարուցանէ իր զօրութեամբը։ Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են։ Քրիստոսի անդամները առնենք պոռնիկի անդա՞մ դարձնենք։ Բնա՛ւ երբեք։ Չէ՞ որ գիտէք թէ պոռնիկին միացողը անոր հետ մէկ մարմին կը կազմէ, որովհետեւ գրուած է. «Երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Նոյնպէս ալ, ով որ Տիրոջ միանայ՝ անոր հետ մէկ հոգի կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար պոռնկութենէ հեռո՛ւ փախէք։ Բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունին. բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ։ Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի։ Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց։ Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով։ Ձեր նամակին մէջ ինծի գրած էիք նաեւ այն մասին, թէ մարդ լաւ կ՚ընէ՝ եթէ բնաւ չամուսնանայ։ Բայց որպէսզի պոռնկութեան մէջ չիյնաք՝ ամէն մարդ թող իր կինը ունենայ եւ ամէն կին՝ իր ամուսինը, որպէսզի կնոջ պէտքերը այրը գոհացնէ եւ ամուսինին պէտքերը՝ կինը։ Որովհետեւ կինը իր մարմինին տէրը չէ, այլ՝ ամուսինը. ո՛չ ալ այրը իր մարմինին տէրն է, այլ՝ կինը։ Երկար ատեն հեռու մի՛ մնաք իրարմէ։ Եթէ կ՚ուզէք աղօթքի նուիրուիլ, կրնաք փոխադարձ համաձայնութեամբ ժամանակ մը իրարմէ հեռու մնալ. բայց յետոյ վերադարձէ՛ք ձեր կենակցութեան, որպէսզի չըլլայ որ Սատանան ձեզ փորձութեան մղէ՝ ձեր անժուժկալութենէն օգտուելով։ Հրահանգ մը չէ այս տուածս, այլ պարզապէս՝ ներողամիտ կեցուածք։ Որովհետեւ ես պիտի ուզէի որ ամէն մարդ ինծի պէս ապրէր, բայց Աստուած իւրաքանչիւրին իրեն յատուկ շնորհք մը տուած է. մէկուն՝ այսպէս ապրելու շնորհք, միւսին՝ այնպէս։ Սակայն ամուրիներուն եւ այրիներուն կ՚ըսեմ.– Աւելի լաւ կ՚ընեն՝ եթէ ինծի պէս մնան. բայց եթէ չեն կրնար տոկալ՝ թող ամուսնանան, որովհետեւ նախընտրելի է ամուսնանալ քան ցանկութեամբ եռալ։ Իսկ ամուսնացած զոյգերուն հետեւեալ պատուէրը կու տամ, ո՛չ թէ ես, այլ Տէրը.– Ոեւէ կին իր ամուսինէն թող չբաժնուի. իսկ եթէ բաժնուի, կա՛մ առանց ամուսնութեան թող ապրի եւ կամ դարձեալ հաշտուի իր ամուսինին հետ։ Նոյնպէս, ոեւէ այր իր կինը թող չձգէ։ Միւսներուն ե՛ս կը պատուիրեմ, ո՛չ թէ Տէրը.– Եթէ ոեւէ հաւատացեալ եղբայր ունի անհաւատ կին մը որ կ՚ուզէ իր հետ ամուսնացած մնալ, թող չբաժնուի իր կնոջմէ։ Նոյնպէս, ոեւէ հաւատացեալ կին, եթէ ունի անհաւատ ամուսին մը որ կ՚ուզէ իր հետ ամուսնացած մնալ, թող չբաժնուի իր ամուսինէն։ Անհաւատ ամուսինը կնոջ միջոցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին կապուած կ՚ըլլայ, եւ անհաւատ կինը ամուսինին միջոցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին կապուած կ՚ըլլայ. այլապէս՝ ձեր որդիները հեթանոս պիտի նկատուէին, մինչդեռ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդին մաս կը կազմեն։ Սակայն եթէ անհաւատ ամուսինը կամ կինը ուզէ բաժնուիլ՝ թող բաժնուի։ Նման պարագաներուն ոեւէ պարտադրանք չկայ հաւատացեալ ամուսինին եւ կնոջ վրայ։ Աստուած մեզ կանչեց՝ խաղաղութեամբ ապրելու։ Բայց ո՞վ գիտէ, թերեւս այդ ձեւով ամուսինիդ փրկութեան պատճառ կ՚ըլլաս, ո՛վ կին. կամ դուն, ո՛վ մարդ, թերեւս այդ ձեւով կնոջդ փրկութեան պատճառ կ՚ըլլաս։ Այլապէս, իւրաքանչիւրըթողապրի Աստուծմէ իրեն տրուած շնորհքին համաձայն, ինչպէս որ էր՝ երբ Աստուած զինք կանչեց։ Այսպէս կը պատուիրեմ բոլոր եկեղեցիներուն ։ Հրեա՞յ մըն է կանչուածը. թող չծածկէ իր թլփատուած ըլլալը։ Հեթանոսութենէ եկա՞ծ մըն է. թող չթլփատուի։ Որովհետեւ կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ. կարեւորը՝ Աստուծոյ պատուիրանը պահելն է։ Բայց իւրաքանչիւրը ի՛նչ վիճակի մէջ էր երբ Աստուած զինք կանչեց՝ թող նոյն վիճակին մէջ մնայ։ Ստրո՞ւկ էիր երբ կանչուեցար. հոգ մի՛ ըներ։ Իսկ եթէ կարենաս ազատ ըլլալ՝ աւելի լաւ։ Որովհետեւ այն մարդը որ ստրուկ վիճակի մէջ Տիրոջ պատկանելու կոչուեցաւ՝ Տիրոջմով ազատագրուածմըն է։ Նոյնպէս ալ այն մարդը որ ազատ վիճակի մէջ կոչուեցաւ՝ Քրիստոսի ծառան է։ Աստուած փրկագինով ձեզ գնեց. մարդոց ծառայ մի՛ ըլլաք։ Եղբայրնե՛ր, իւրաքանչիւրդ ի՛նչ վիճակի մէջ որ էիք՝ երբ Աստուած ձեզկանչեց՝ նոյն վիճակին մէջ մնացէք Աստուծոյ առջեւ։ Ամուրիներուն վերաբերող ձեր հարցումին կապակցութեամբ Տիրոջմէ հրաման մը չունիմ։ Բայց ես՝ իբրեւ Տիրոջմէ ողորմութիւն գտած մէկը, որուն կարելի է վստահիլ, հետեւեալ խրատը կու տամ.– Կը խորհիմ որ իրենց վիճակը լաւագոյնն է։ Նկատի ունենալով վերահաս նեղութիւնը, աւելի լաւ է որ մարդ ինչպէս որ է՝ այնպէս մնայ։ Ամուսնութեամբ կապուա՞ծ ես կնոջ մը. մի՛ փորձեր բաժնուիլ։ Ամուսնութեամբ կապուած չե՞ս մէկուն. կին մի՛ փնտռեր։ Եթէ ամուսնանաս՝ մեղք գործած չես ըլլար. կամ ոեւէ ամուրի կին եթէ ամուսնանայ՝ մեղք գործած չ՚ըլլար։ Բայց անշուշտ ամուսնական կեանքին յատուկ նեղութիւններ պիտի ունենան, որոնցմէ զերծ պիտի ուզէի տեսնել ձեզ։ Բայց հետեւեալը կ՚ըսեմ, եղբայրնե՛ր, թէ՝ ա՛լ ժամանակը կարճցած է. հետեւաբար՝ կին ունեցողներն ալ չամուսնացածներու պէս թող ապրին. սգացողները թող սուգ չունեցողներու պէս ապրին, ուրախացողները՝ չուրախացողներու պէս, հարուստները՝ աղքատներու պէս, աշխարհը վայելողները՝ չվայելողներու պէս. որովհետեւ մեզի ծանօթ այս աշխարհը անցնելու վրայ է։ Ուստի կ՚ուզեմ որ հոգերէ զերծ ըլլաք։ Որովհետեւ կին չունեցողը միայն Տիրոջ հոգը կ՚ունենայ, ջանալով Տիրոջ կամքը ընել. մինչդեռ ամուսնացած մարդը երկրաւոր հոգեր կ՚ունենայ, ջանալով իր կնոջ կամքը կատարել. որով երկուքի բաժնուած կ՚ըլլայ։ Նոյնպէս ալ, չամուսնացած կինը կամ կոյսը Տիրոջ հոգը կ՚ունենայ եւ կը ջանայ մարմինով եւ հոգիով Աստուծոյ նուիրուիլ. մինչ ամուսնացած կինը երկրաւոր հոգեր կ՚ունենայ, ջանալով իր ամուսինին կամքը կատարել։ Ասիկա ձեր օգուտին համար կ՚ըսեմ։ Ո՛չ թէ արգելքներ կը դնեմ ձեր վրայ, այլ կ՚ուզեմ որ պարկեշտութեամբ եւ անզբաղ միտքով Տիրոջ հնազանդութեան նուիրուիք։ Խօսեցեալներու պարագային, եթէ ոեւէ նշանուած մարդ կը խորհի թէ իր նշանածին քով ամօթով պիտի մնայ եթէ չամուսնանայ, եւ ցանկութիւնն ալ ա՛յնքան զօրացած է իր մէջ՝ որ պէտք է ամուսնանայ, թող իր կամեցածին պէս ընէ. մեղք գործած չ՚ըլլար. թող ամուսնանայ։ Իսկ ան որ իր մտքին մէջ հաստատ որոշում առած է, առանց ոեւէ հարկադրանքի, եւ կրնայ իր կամքին վրայ իշխել, եւ իր որոշումն է՝ պահել իր նշանածը՝ առանց մարմնական յարաբերութեան, լաւ կ՚ընէ։ Այնպէս որ, ով որ կ՚ամուսնանայ՝ լաւ կ՚ընէ, իսկ ով որ չ՚ամուսնանար՝ աւելի լաւ կ՚ընէ։ Ոեւէ ամուսնացած կին ազատ չէ, որքան ատեն որ ամուսինը ողջ է. իսկ ամուսինին մահէն ետք ազատ է, որու հետ որ ուզէ՝ կ՚ամուսնանայ. միայն թէ՝ քրիստոնեայի մը հետ։ Բայց աւելի երանելի կ՚ըլլայ՝ եթէ տուած խրատիս հետեւի եւ մնայ այնպէս՝ ինչպէս որ է հիմա։ Եւ կը խորհիմ որ Աստուծոյ Հոգին է որ այսպէս ըսել կու տայ ինծի։ Գալով կուռքերուն զոհուած կերակուրներուն, գի–տեմ թէ «բոլորս ալ պէտք եղածը գիտենք» ըսողներ կան։ Գիտցէ՛ք սակայն, թէ գիտութիւնը կը հպարտացնէ, մինչ սէրը հաւատքը կ՚ամրապնդէ։ Ով որ կը խորհի թէ բան մը գիտէ, յստակ է որ տակաւին չի գիտեր այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք է գիտնայ։ Իսկ ով որ զԱստուած կը սիրէ, ինքն ալ Աստուծմէ կը ճանչցուի։ Արդ, կուռքերուն զոհուած կերակուրներուն կապակցութեամբ գիտենք, թէ կուռքերը աշխարհի մէջ բան մը չեն ներկայացներ, եւ թէ միայն մէկ Աստուած կայ։ Որովհետեւ թէպէտ անուանապէս կան երկնաւոր եւ երկրաւոր աստուածներ, ինչպէս որ մեր շուրջը կը տեսնենք թէ կան բազմաթիւ «աստուած» ներ եւ բազմաթիւ «տէր» եր, բայց մեզի համար մէկ Աստուած կայ, Հայրը, որմէ սկիզբ առած է ամէն բան, եւ մենք իրեն համար կանք. եւ կայ մէկ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն միջոցաւ ստեղծուեցաւ ամէն բան, եւ մենք անոր միջոցաւ կանք։ Բայց այս գիտակցութիւնը ամենուն քով չկայ։ Ոմանք դեռ մինչեւ հիմա խղճի հարց կ՚ունենան, երբ կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն կ՚ուտեն. եւ որովհետեւ իրենց խղճմտանքը տկար է, իրենք զիրենք պղծուած կը զգան։ Բայց կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերէ։ Ո՛չ ուտելով բան մը կը շահինք, ո՛չ ալ չուտելով բան մը կը կորսնցնենք։ Բայց, զգո՛յշ եղէք. չ՚ըլլայ որ ձեր ազատութիւնը գայթակղութեան պատճառ դառնայ տկարներուն համար։ Եթէ մէկը տեսնէ որ դուն՝ որ գիտակցութիւն ունիս՝ մեհեանի մը մէջ սեղան նստեր ես, ինք՝ խղճմտանքը տկար եղողը՝ պիտի չքաջալերուի՞ կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն ուտելու։ Եւ ահա, քու «գիտութիւն» դպատճառ պիտի ըլլայ որ կորուստի մատնուի հաւատքով տկար եղբայր մը, որուն համար Քրիստոս մեռաւ։ Եւ երբ այսպէս ձեր եղբայրներուն հանդէպ մեղք կը գործէք՝ անոնց տկար խղճմտանքը վիրաւորելով, Քրիստոսի դէմ մեղք գործած կ՚ըլլաք։ Ահա թէ ինչու, եթէ իմ ուտելս կը գայթակղեցնէ հաւատակից եղբայրս՝ բնաւ միս չեմ ուտեր, որպէսզի եղբայրս չգայթակղեցնեմ։ Միթէ ազատ չե՞մ. միթէ առաքեալ չե՞մ. միթէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ես իմ աչքերովս չտեսա՞յ. միթէ իմ աշխատանքովս չէ՞ր որ դուք Տիրոջ պատկանեցաք։ Նոյնիսկ եթէ ուրիշներուն համար առաքեալ չեմ, բայց եւ այնպէս ձեզի համար՝ եմ. եւ իմ առաքելութեանս կնիքը դո՛ւք էք, որ Տիրոջ կը պատկանիք։ Զիս քննադատողներուն պատասխանս սա է.– Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք մեր աշխատանքին փոխարէն ուտելիք կամ խմելիք ստանալու։ Միթէ իրաւունք չունի՞նք մեր հաւատակից կինը մեզի հետ շրջեցնելու, ինչպէս միւս առաքեալները, Տիրոջ եղբայրները եւ Կեփաս կ՚ընեն։ Միայն ես ու Բառնաբա՞սը իրաւունք չունինք Աւետարանի քարոզութեամբ ապրուստ շահելու։ Ո՞ր զինուորը իր սեփական ծախսով զինուորութիւն կ՚ընէ։ Կա՞յ մէկը որ այգի տնկէ եւ անոր պտուղէն չվայելէ։ Կա՞յ հովիւ մը որ ոչխարներուն կաթէն չճաշակէ։ Բայց միթէ պարզապէս մարդկային փորձառութեա՞մբ է որ այս բաները կ՚ըսեմ. Օրէնքն ալ նոյն բանը չ՚ը՞սեր։ Արդարեւ, Մովսէսի Օրէնքին մէջ գրուած է. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր»։ Աստուած եզներո՞վ մտահոգուած էր միթէ. չէ՞ որ մեզի համար է որ կ՚ըսէ ատիկա. ինչպէս դարձեալ մեզի համար գրուած է հետեւեալը. «Հերկողը յոյս պէտք է ունենայ՝ որ հերկէ, եւ ցորենը կամնողը անկէ վայելելու յոյսը պէտք է ունենայ՝ որ կամնէ»։ Եթէ մենք հոգեւոր սերմ ցանեցինք ձեր մէջ, շա՞տ է՝ եթէ նիւթական բարիք հնձենք ձեզմէ։ Եւ եթէ ուրիշներ իրաւունք կը սեպեն այդ բարիքները վայելել ձեզմէ, մենք աւելի իրաւունք չունի՞նք։ Բայց մեր այս իրաւունքը երբեք չգործածեցինք. այլ՝ ամէն բանի կը համբերենք, որպէսզի ոեւէ բանով արգելք չըլլանք Քրիստոսի Աւետարանին տարածման։ Չէ՞ք գիտեր, որ տաճարին մէջ ծառայողները տաճարէն կը կերակրուին, եւ զոհարանին վրայ զոհ մատուցանող քահանաները իրենց բաժինը կ՚ունենան անկէ։ Նոյնպէս ալ Տէրը Աւետարանը քարոզողներուն հրաման տուաւ որ Աւետարանի քարոզութեամբ ապրին։ Բայց ես այդ իրաւունքներէն ոեւէ մէկը չգործածեցի։ Ո՛չ ալ այս բաները կը գրեմ՝ այդպիսի իրաւունքներ ստանալու համար։ Կը նախընտրեմ մեռնիլ՝ քան թոյլ տալ որ ոեւէ մէկը այս պարծանքս ինձմէ առնէ։ Անշուշտ պարծենալիք բան մը չունիմ՝ երբ Աւետարանը կը քարոզեմ, որովհետեւ պարտաւոր եմ ատիկաընելու, եւ վա՜յ ինծի՝ եթէ չքարոզեմ։ Եթէ ազատ կամքովս ընէի այս քարոզութիւնը, վարձատրութիւն պիտի ակնկալէի. բայց իմ կամքովս չէ որ կ՚ընեմ, քանի Աստուծմէ ինծի յանձնուած պարտականութիւն մըն է։ Իսկ վարձատրութի՞ւնս։ Վարձատրութիւնս պիտի ըլլայ այն՝ որ ձրիօրէն քարոզեմ Աւետարանը, չգործածելով այն իրաւունքները որ ունիմ իբրեւ Աւետարանի քարոզիչ։ Արդարեւ, թէպէտ ազատ էի, ոեւէ մէկուն ենթակայ չէի, բայց ինքզինքս բոլորին ծառայ դարձուցի՝ որպէսզի շատերը սիրաշահիմ։ Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ՝ որպէսզի Հրեաները սիրաշահիմ, այսինքն՝ Մովսիսական Օրէքին ենթակայմարդոց հետ՝ Օրէնքին ենթակայ մարդու պէս ապրեցայ, հակառակ այլեւս այդ Օրէնքին ենթակայ չըլլալուս, որպէսզի Օրէնքին ենթակայ եղողները սիրաշահիմ։ Մովսիսական Օրէնքը չճանչցող հեթանոսներուն հետ՝ հեթանոսի պէս եղայ, զանոնք եւս սիրաշահելու համար։ Ո՛չ թէ Աստուծոյ Օրէնքէն դուրս եկայ, այլ՝ Քրիստոսի օրէնքին ենթարկուեցայ։ Հաւատքով տկարներուն հետ՝ տկարի պէս եղայ, որպէսզի զանոնք ալ սիրաշահիմ։ Մէկ խօսքով, ամենուն հետ ամէ՛ն ինչ եղայ, որպէսզի ամէն գնով կարենամ ոմանք փրկել։ Եւ այս բոլորը կ՚ընեմ՝ Աւետարանին սիրոյն, որպէսզի անոր տարածման մասնակցութիւնս բերած ըլլամ։ Մրցադաշտին վրայվազքիմասնակցողներունօրինակը գիտէք, չէ՞։ Վազելը՝ բոլորն ալ կը վազեն, բայց մրցանակը մէկ հոգի կը շահի։ Դուք ալ, այնպէս վազեցէք՝ որ մրցանակինհասնիք։ Մարզիկներըիրենքզիրենք խիստ կանոններու կ՚ենթարկեն՝ վաղանցուկ դափնեպսակ մը առնելու համար. իսկ մենք նոյնը կ՚ընենք՝ յաւերժական դափնեպսակին համար։ Ես այսպէս կը վազեմ, ահա, եւ ո՛չ թէ անորոշ ուղղութեամբ. կը մրցիմ կռփամարտիկի մը պէս, որ օդը չի ծեծեր։ Բայց ինքզինքս սեղմումներու կ՚ենթարկեմ ու կը զսպեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ես ինքս մրցանակէն զրկուիմ, ես՝ որ ուրիշներուն կը քարոզեմ։ Եղբայրնե՛ր, մի՛ մոռնաք որ Եգիպտոսէն ելլող մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին առաջնորդութեան եւ պահպանութեան տակ էին եւ բոլորն ալ Կարմիր ծովէն անցան, եւ Մովսէսի հետեւելով՝ բոլորն ալ մկրտուեցան ամպին եւ ծովուն մէջ։ Բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ուտելիքը կերան եւ բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ըմպելիքը խմեցին, որովհետեւ խմեցին հոգեւոր ժայռէ մը՝ որ իրենց հետ կ՚երթար. եւ այդ ժայռը Քրիստոս ինքն էր։ Բայց անոնց մեծագոյն մասը հաճելի չեղաւ Աստուծոյ, ուստի անոնց դիակները անապատին մէջ տարտղնուեցան։ Այս բաները պատահեցան՝ իբրեւ օրինակ մեզի, որպէսզի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին. եւ ո՛չ ալ կուռքեր պաշտենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պաշտեցին, Սուրբ գիրքին վկայութեան համաձայն, որ կ՚ըսէ. «Ժողովուրդը նստաւ, կերաւ ու խմեց, եւ ելաւ պարեց կուռքին առջեւ»։ Չըլլա՛յ նաեւ որ պոռնկութիւն ընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք ըրին, որուն համար ալ մէկ օրուան մէջ քսանչորս հազար հոգիներ ինկան մեռան։ Եւ չըլլայ որ Տէրը փորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին եւ այդ պատճառով ալ օձերէն խայթուելով՝ սպաննուեցան։ Կամ չըլլայ որ տրտնջանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջացին եւ Մահուան Հրեշտակին ձեռքով կոտորուեցան։ Այս բոլորը անոնց պատահեցան՝ իբրեւ օրինակ գալիքին, եւ գրուեցան՝ իբրեւ ազդարարութիւն մեզի, որ ժամանակներու վախճանին մօտեցեր ենք։ Ահա թէ ինչու, ով որ կը կարծէ թէ կանգուն է՝ թող զգոյշ ըլլայ որ չիյնայ։ Ձեր կրած փորձութիւնները մարդկային սահմաններէն դուրս փորձութիւններ չեն։ Բայց վստահեցէ՛ք Աստուծոյ. անիկա թոյլ պիտի չտայ որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, այլ՝ փորձութեան մէջ իսկ ցոյց պիտի տայ զայն յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենաք տոկալ։ Հետեւաբար, սիրելինե՛րս, կռապաշտութենէ հեռո՛ւ փախէք։ Ձեզի կը խօսիմ՝ իբրեւ գիտակից մարդոց. դո՛ւք դատեցէք ինչ որ կ՚ըսեմ։ Երբ կը խմենք օրհնութեան այն բաժակէն՝ որ Տիրոջ Ընթրիքի յիշատակին կ՚օրհնենք, միթէ Քրիստոսի արեան հաղորդուած չե՞նք ըլլար։ Եւ երբ կը ճաշակենք այն հացէն՝ որ կը բեկանենք, միթէ Քրիստոսի մարմինին հաղորդուած չե՞նք ըլլար։ Մենք բոլորս մէկ հաց, մէկ մարմին ենք, որովհետեւ նոյն եւ միակ հացէն կը ճաշակենք։ Նայեցէ՛ք Իսրայէլի ժողովուրդին. անոնք որ իրենց մատուցած զոհերէն կը ճաշակեն՝ Աստուծոյ հաղորդակից չե՞ն ըլլար։ Արդ, այս օրինակը առի՝ հետեւեալը ըսելու համար։ Ո՛չ կուռքերուն զոհուած կերակուրը կարեւորութիւն մը ունի, ո՛չ ալ կուռքը նշանակութիւն մը ունի։ Բայց որովհետեւ հեթանոսներ ինչ որ կը զոհեն՝ դեւերուն կը զոհեն, եւ ոչ՝ Աստուծոյ, չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդակից եղած ըլլաք։ Որովհետեւ կարելի չէ՛ որ Տիրոջ բաժակէն խմէք եւ միաժամանակ խմէք դեւերու բաժակէն։ Նոյնպէս, կարելի չէ որ Տիրոջ սեղանէն ճաշակէք եւ միաժամանակ ուտէք դեւերու սեղանէն։ Ի՞նչ է, Տիրոջ արդար զայրո՞յթը շարժել կ՚ուզենք. միթէ իրմէ աւելի զօրաւո՞ր ենք։ Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ։ Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ չ՚օգներ ուրիշներու հաւատքը ամրապնդելու։ Ոեւէ մէկը միայն ինքզինք թող չմտածէ, այլ նաեւ՝ իր ընկերոջ մասին։ Ոեւէ միս որ շուկային մէջ կը ծախուի՝ կերէք, առանց խղճմտանքի հարց հանելու։ Որովհետեւ «Աշխարհը իր ամբողջութեամբ Տիրոջ կը պատկանի»։ Եթէ հեթանոս մը ձեզ ճաշի հրաւիրէ եւ ուզէք երթալ, ի՛նչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք, առանց խղճի հարց հանելու։ Իսկ եթէ պատահի որ մէկը ձեզի ըսէ. «Ատիկա կուռքերուն զոհուած միս է», այդ պարագային մի՛ ուտէք, այն մարդուն համար՝ որ ձեզի յայտնեց, որպէսզի խղճի հարց չծագի։ Խղճի հարց ըսելով՝ ձեր սեփականը չեմ հասկնար, այլ՝ ձեր ընկերոջը։ Բայց ուրիշ ոեւէ պարագայի՝ ինչո՞ւ ուրիշին խղճմտանքը իմ ազատութիւնս պիտի կաշկանդէ։ Եթէ ես Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելով կ՚ուտեմ, ինչո՞ւ պիտի մեղադրուիմ ուտելիքի մը պատճառով՝ որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ։ Հետեւաբար, թէ՛ կերած–խմած ատեն եւ թէ՛ ոեւէ ուրիշ պարագայի՝ կը բաւէ որ ամէն ինչ Աստուծոյ փառքին համար ընէք։ Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ Հրեաներուն, ո՛չ հեթանոսներուն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիին ։ Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ես կը փորձեմ բոլորն ալ սիրաշահիլ։ Ո՛չ թէ իմ անձիս օգուտը կը փնտռեմ, այլ՝ բոլորինը, որպէսզի փրկուին։ Հետեւաբար ինծի նմանեցէք, ինչպէս ես՝ Քրիստոսի։ Կը գովեմ ձեզ, որ կը յիշէք ամէն ինչ որ սորվեցուցի ձեզի, եւ ինչպէս որ ձեզի աւանդեցի՝ այնպէս կը պահէք։ Բայց կ՚ուզեմ որ գիտնաք, նաեւ, թէ ոեւէ այր մարդու գլուխը Քրիստոս է, եւ կնոջ մը գլուխը՝ իր այրը, իսկ Քրիստոսի գլուխը՝ Աստուած։ Ոեւէ մարդ երբ աղօթած կամ մարգարէական պատգամախօսութիւն ըրած ատեն իր գլուխը ծածկուած կը պահէ, իր գլուխը՝ այսինքն Քրիստոսը անպատուած կ՚ըլլայ։ Մինչդեռ ոեւէ կին երբ բաց գլուխով կ՚աղօթէ կամ մարգարէական պատգամախօսութիւն կ՚ընէ, իր գլուխը՝ այսինքն իր ամուսինը անպատուած կ՚ըլլայ, որովհետեւ ոեւէ տարբերութիւն չ՚ունենար անպատիւ կնոջմէ մը, որուն մազերը կը կտրեն։ Եթէ կին մը քողով չի ծածկեր իր գլուխը, թող կտրէ իր մազերը՝ ի նշան անպատուութեան. իսկ եթէ կնոջ մը համար նախատինք է մազերը կտրելը կամ ածիլելը, թող քողով ծածկուի։ Այր մարդը Աստուծոյ պատկերը եւ փառքը ըլլալով՝ պէտք չէ իր գլուխը ծածկէ, իսկ կինը իր ամուսինին փառքն է։ Որովհետեւ մարդը կնոջմէ սկիզբ չէ առած, այլ՝ կինն է որ սկիզբ առած է մարդէն։ Նոյնպէս ալ, մարդը չէր որ կնոջ համար ստեղծուեցաւ, այլ կինը՝ մարդուն համար։ Ահա թէ ինչու՝ կին մը պէտք է աղօթքի ատեն քողով ծածկէ իր գլուխը, ճիշդ ինչպէս հրեշտակներ իրենց դէմքերը կը ծածկեն Աստուծոյ ներկայութեան։ Բայց եւ այնպէս, քրիստոնէական հասկացողութեամբ՝ չկայ կին առանց մարդու, ոչ ալ մարդ՝ առանց կնոջ։ Որովհետեւ եթէ կինը այր մարդէն սկիզբ առած է, մարդն ալ կնոջմէ կը ծնի, եւ բոլորն ալ Աստուծմով կան։ Դո՛ւք դատեցէք, թէ արդեօք պատշա՞ճ է որ կին մը բաց գլուխով Աստուծոյ դիմաց աղօթքի կանգնի։ Բնութիւնը ինք ձեզի չի՞ սորվեցներ՝ թէ այր մարդուն համար երկար մազ ունենալը անարգանք է, մինչդեռ կնոջ համար երկար մազերը փառք են, քանի Աստուած ծածկոցի փոխարէն տուած է զանոնք։ Այս բոլորէն ետք, եթէ մէկը դարձեալ ուզէ առարկութիւն ընել այս մասին՝ մենք միայն կ՚ըսենք.– Ո՛չ մենք, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիները՝ ուրիշ սովորութիւն չենք ճանչնար։ Հետեւեալ պատուէրն ալ ունիմ ձեզի,– եւ այս կէտին մէջ ձեզ չեմ գովեր,– որովհետեւ կը լսեմ թէ ձեր հաւաքոյթները աւելի վնաս կու տան ձեզի, քան օգուտ։ Նախ՝ որովհետեւ երբ ամբողջ եկեղեցիով մէկտեղ կը հաւաքուիք՝ հակառակ խումբերու կը բաժնուիք, ըստ լսածիս։ Եւ մասամբ մը կը հաւատամ ատոր։ Անշուշտ որ պառակտումներ պիտի ըլլան ձեր մէջ, որպէսզի անով յայտնուին՝ թէ ձեզմէ որոնք են իսկական ընտրեալները։ Ուտել–խմելու համար դուք ձեր տուները չունի՞ք, որ Աստուծոյ եկեղեցին կ՚արհամարհէք եւ չքաւորները ամօթով կը ձգէք։ Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ըսեմ ձեզի. գովե՞մ։ Ո՛չ, չեմ գովեր։ Ես Տիրոջմէ առի ինչ որ ձեզի աւանդեցի, թէ Տէր Յիսուս իր մատնութեան գիշերը հաց առաւ, Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց, կտրեց զայն եւ ըսաւ. «Ասիկա իմ մարմինս է, որ ձեզի համար կը բաշխուի։ Ասիկա կատարեցէք զիս յիշելու համար»։ Ընթրիքէն ետք նոյն ձեւով բաժակը առաւ եւ ըսաւ. «Այս բաժակը Աստուծոյ Նոր Ուխտն է, որ իմ արիւնովս կը կնքուի։ Ասիկա կատարեցէք միշտ, եւ ամէն անգամ որ անկէ խմէք՝ զիս յիշեցէք»։ Հետեւաբար, ամէն անգամ որ այս հացը կ՚ուտէք եւ բաժակէն կը խմէք, Տիրոջ մահը կը պատմէք, մինչեւ իր երկրորդ գալուստը։ Այսուհետեւ՝ ո՛վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ՚ըլլայ։ Ուստի ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ եւ բաժակէն խմէ, որովհետեւ ով որ անարժանութեամբ կ՚ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ՚ենթարկէ, քանի որ զանազանութիւն չի դներ սովորական հացին եւ Տիրոջ մարմինին միջեւ։ Այս է ահա պատճառը, որ ձեր մէջ բազմաթիւ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ բազմաթիւ են նաեւ անոնք՝ որ նոյն պատճառով մեռան։ Եթէ երբեք մենք մեզ քննէինք, չէինք պատժուեր։ Իսկ եթէ կը պատժուինք, Տէրը այդ ձեւով կը խրատէ մեզ, որպէսզի չըլլայ որ աշխարհի հետ միասին դատապարտուինք։ Ուստի, եղբայրնե՛րս, երբ Տիրոջ ընթրիքէն ճաշակելու համար իրարու քով կը հաւաքուիք, նախ իրարու սպասեցէք։ Իսկ ով որ անօթի է՝ թող իր տունը ուտէ, որպէսզի ձեր հաւաքոյթը դատապարտութեան առիթ չըլլայ։ Գալով մնացեալ հարցերուն, երբ որ գամ՝ պէտք եղածը կը կարգադրեմ։ Ինչ կը վերաբերի հոգեւոր պարգեւներուն մասին ձեր հարցումին, կ՚ուզեմ որ գիտնաք ճշմարտութիւնը, եղբայրնե՛ր։ Գիտէք հարկաւ, թէ մինչ հեթանոս էիք՝ ի՛նչպէս անշունչ կուռքերէն մէկէն միւսը կը քաշկռտուէիք։ Ուստի կ՚ուզեմ որ հասկնաք, թէ ոեւէ մէկը որ Աստուծոյ Հոգիէն մղուած կը խօսի՝ չի կրնար ըսել՝ «Նզովեալ ըլլայ Յիսուս»։ Նոյնպէս ալ, ո՛չ ոք կրնայ խոստովանիլ թէ «Յիսուս Տէր է», եթէ Սուրբ Հոգին չունենայ։ Թէպէտ շնորհքները զանազան են, բայց նոյն Հոգին է տուողը։ Զանազան հոգեւոր պաշտօններ կան, այո՛, բայց նոյն Տէրն է զայն բաշխողը։ Նոյնպէս ալ, ծառայելու զանազան կարողութիւններ կան, բայց նոյն Աստուածն է որ զանոնք կու տայ իւրաքանչիւրին։ Սուրբ Հոգին ամէն մէկուն մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւով մը, հասարակաց օգուտին համար։ Այսպէս, Սուրբ Հոգին մէկուն կարողութիւն կու տայ իմաստութեամբ յորդորելու, միւսին՝ նոյն Հոգին կարողութիւն կու տայ հոգեւոր գիտութեան հասնելու եւ ուսուցանելու։ Նոյն Հոգին երրորդի մը հաւատք կու տայ, ուրիշի մը՝ բժշկելու զօրութիւն. ուրիշի մը՝ հրաշագործութեան կարողութիւնը կու տայ, ուրիշի մը՝ մարգարէական պատգամախօսութիւն, ուրիշ մէկուն՝ Հոգիէն տրուած պարգեւները ճանչնալու կարողութիւն, ուրիշի մը՝ յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսելու շնորհք, իսկ ուրիշի մը՝ այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու կարողութիւն։ Միեւնոյն Հոգին է որ այս բոլորը կը կատարէ՝ իւրաքանչիւրին յատուկ շնորհք մը տալով, ինչպէս որ ինք կ՚ուզէ։ Ինչպէս մարմինը իր զանազան անդամներով մէկ ամբողջութիւն է, այսինքն՝ բոլոր անդամները միասին մէկ մարմին կը կազմեն, նոյնպէս է նաեւ Քրիստոս ։ Որովհետեւ մենք բոլորս՝ Հրեայ թէ հեթանոս, ծառայ թէ ազատ, նոյն Հոգիով մկրտուեցանք՝ մէկ մարմին կազմելու համար, եւ ամէնքս ալ նոյն Հոգիէն խմեցինք։ Մարմին ըսելով՝ անդամներէն միայն մէկը չենք հասկնար, այլ անդամներուն ամբողջութիւնը։ Եթէ ոտքը ըսէ՝ «Ես ձեռք չեմ, ուրեմն մարմինին մաս չեմ կազմեր», ատով չի դադրիր մարմինին մէկ անդամը ըլլալէ։ Եթէ ականջը ըսէ՝ «Որովհետեւ աչք չեմ, մարմինին մաս չեմ կազմեր», դարձեալ չի դադրիր մարմինին մէկ անդամը ըլլալէ։ Եթէ ամբողջ մարմինը աչք ըլլար, մարդ ինչո՞վ պիտի լսէր։ Եթէ ամբողջ մարմինը ականջ ըլլար, ինչո՞վ պիտի հոտոտար։ Բայց Աստուած անդամներէն իւրաքանչիւրը դրաւ մարմինին մէջ, այնպէս՝ ինչպէս ինք կամեցաւ։ Մարմինը մարմին պիտի ըլլա՞ր, եթէ միայն մէկ տեսակ անդամ ունենար։ Յստակ է ուրեմն, թէ բազմաթիւ են անդամները, բայց մարմինը մէկ է։ Աչքը չի կրնար ձեռքին ըսել՝ «Քեզի պէտք չունիմ»։ Ո՛չ ալ գլուխը ոտքերուն՝ թէ «Ձեզի պէտք չունիմ»։ Ընդհակառակը, մարմինին ամենէն տկար կարծուած անդամները ամենէն կարեւորներնեն։ Այն անդամները որ ամենէն անարգը կը համարենք՝ անոնց աւելի շատ պատիւ կ՚ընծայենք, եւ ամօթոյք նկատուած մեր անդամները աւելի պարկեշտութեամբ կը ծածկենք, քանի մեր պարկեշտ անդամները ատոր կարիքը չունին։ Աստուած ի՛նք է որ այդպէս կազմած է մարմինը, նուազ պատուաւորին աւելի պատիւ տալով, որպէսզի մարմինին մէջ պառակտումներ չըլլան, այլ՝ որպէսզի անդամները իրարու հանդէպ նոյն հոգածութիւնը ունենան։ Եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին, իսկ եթէ մէկ անդամը պատուըուի՝ բոլոր անդամներն ալ միասին կ՚ուրախանան։ Արդ, դուք թէպէտ առանձին–առանձին անդամներ էք, բայց միասնաբար կը կազմէք Քրիստոսի մարմինը։ Այդ մարմինին, այսինքն՝ եկեղեցիին մէջ Աստուած բազմաթիւ անդամներ կարգեց՝ զանազան ծառայութեանց համար. նախ՝ առաքեալները, երկրորդ մարգարէները, երրորդ՝ ուսուցանողները, ապա՝ հրաշագործ զօրութիւն ունեցողները, եւ դեռ՝ բժշկելու շնորհք ունեցողները, ուրիշներուն օգնելու ընդունակները, վարչական կարողութեամբ օժտուածները, յափշտակութեան մէջ լեզուներ խօսողները եւ այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանելու ատակ մարդիկը։ Արդ, միթէ բոլորը առաքեա՞լ են. բոլորը մարգարէ՞ են. բոլորը ուսուցանո՞ղ են. բոլորը հրաշագործ զօրութիւն ունի՞ն. միթէ բոլորը բժշկելու շնորհքո՞վ օժտուած են. բոլորը լեզուներ խօսելու պարգե՞ւը ունին. կամ բոլորը կրնա՞ն այդ լեզուներով խօսուածը մեկնաբանել։ Հետեւաբար՝ ձգտեցէք հասնիլ այն շնորհքներուն, որոնք լաւագոյնն են։ Բայց հիմա ես լաւագոյն ճամբան ցոյց պիտի տամ։ Եթէ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները խօսիմ, բայց սէր չունենամ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ունենամ պղինձէ շեփորէն որ կը հնչէ, կամ ծնծղաներէն որ կը ղօղանջեն։ Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունենամ, կարենամ բոլոր խորհուրդներու խորքը թափանցել եւ հասնիմ ամբողջական գիտութեան, եւ նոյնիսկ լեռները տեղափոխելու չափ զօրաւոր հաւատք ունենամ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ՚արժեմ։ Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի մատնեմ. եթէ սէր չունիմ՝ ոչինչով կ՚օգտուիմ։ Սէր ունեցողը համբերատար կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ։ Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան։ Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ։ Սէրը անվախճան է, մինչդեռ այս կեանքին հետ մարգարէական պատգամները վերջ պիտի գտնեն, հրեշտակներու լեզուներով խօսիլը պիտի դադրի, գիտութիւնն ալ վերջ պիտի գտնէ։ Այժմ մեր գիտցածը անկատար է եւ մեր մարգարէութիւնն ալ՝ մասնակի։ Բայց երբ կատարեալը գայ, այս անկատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ։ Երբ երեխայ էի՝ երեխայի պէս կը խօսէի, երեխայի պէս կը խորհէի եւ երեխայի պէս կը տրամաբանէի. իսկ երբ տղամարդ դարձայ, բոլոր երեխայական բաները մէկ կողմ դրի։ Նոյնպէս ալ, մենք այժմ զԱստուած կը տեսնենք աղօտ կերպով, կարծես հայելիի մը մէջէն. բայց երբ ամէն բանի կատարումը գայ՝ զայն պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ։ Այժմ միայն մասնակիօրէն կը ճանչնամ զԱստուած, բայց այն ատեն պիտի ճանչնամ ամբողջապէս, ճիշդ ինչպէս ի՛նք զիս կը ճանչնայ։ Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է։ Ուրեմն՝ սիրոյ հետամուտ եղէք։ Միաժամանակհոգեւոր պարգեւներուն փափաքող եղէք, մանաւանդ մարգարէութեան ։ Որովհետեւ, օրինակ, անծանօթ լեզուներով խօսողը մարդոց չէ որ կը խօսի, այլ՝ Աստուծոյ. որովհետեւ ո՛չ ոք զինք կը հասկնայ, թէպէտեւ անիկա Հոգիին զօրութեամբ խորհուրդներ կը պատմէ։ Մինչդեռ մարգարէութիւն ընողը մարդոց կը խօսի՝ անոնց հաւատքը ամրապնդելու, զանոնք մխիթարելու եւ քաջալերելու համար։ Լեզուներ խօսողը միայն ի՛նք կ՚օգտուի, մինչդեռ Աստուծոյ պատգամները հռչակողը՝ ամբողջ եկեղեցիին շինութիւն կը բերէ։ Ես պիտի ուզէի որ բոլորդ ալ լեզուներ խօսիք, բայց կը նախըտրեմ որ մարգարէութիւն ընէք. որովհետեւ մարգարէութիւն ընողը աւելի՛ օգտակար կ՚ըլլայ, քան լեզուներով խօսողը, բացի այն պարագայէն՝ երբ թարգմանող մը գտնուի, եւ ամբողջ եկեղեցին օգտուի։ Հիմա, եղբայրնե՛ր, եթէ ձեզի գամ եւ անծանօթ լեզուներով խօսիմ, ի՞նչ օգուտ պիտի ունենամ ձեզի՝ եթէ խօսածս Աստուծոյ մէկ յայտնութիւնը կամ որոշ գիտութիւն մը կամ մարգարէական պատգամ մը կամ ուսուցում մը չըլլայ։ Օրինակ առէք երաժշտական անշունչ գործիքները, սրինգը կամ քնարը. եթէ ասոնք որոշակի հնչիւններ չարտաբերեն՝ ի՞նչպէս պիտի ճանչցուին սրինգով կամ քնարով նուագուածները։ Կամ եթէ փողը պատերազմական կոչին փոխարէն անորոշ ձայներ արձակէ՝ ո՞վ պատերազմի կը պատրաստուի։ Ճիշդ այդպէս ալ, եթէ դուք լեզուով հասկնալի չդարձնէք խօսքը, ի՞նչպէս պիտի հասկցուին խօսուածները։ Այլապէս՝ օդին խօսած պիտի ըլլաք։ Ով գիտէ քանի՜ տեսակ լեզուներ կան աշխարհի վրայ, բայց ոեւէ մէկն ալ անհասկնալի չէ։ Եւ սակայն, եթէ ես չեմ հասկնար խօսուած լեզուն՝ անհաղորդ կը մնամ խօսուածին եւ խօսողին, ինչպէս ինքը՝ ինծի։ Հետեւաբար դուք ալ, քանի որ հոգեւոր պարգեւներուն կը փափաքիք, ջանացէք մանաւանդ տիրանալ ա՛յն պարգեւներուն՝ որոնք եկեղեցւոյ օգուտին կը նպաստեն։ Այն անձը որ անծանօթ լեզուներով կը խօսի՝ թող աղօթէ որ Աստուած անոնց թարգմանութեան պարգեւն ալ տայ իրեն։ Որովհետեւ, եթէ անծանօթ լեզուներով կ՚աղօթեմ՝ հոգիս է որ կ՚աղօթէ, բայց միտքս չ՚օգտուիր անկէ։ Ուրե՞մն. ի՞նչ պէտք է ընել։ Անշուշտ պէտք է հոգիով աղօթեմ, բայց պէտք է նաեւ միտքով աղօթեմ։ Պէտք է հոգիով սաղմոսեմ, բայց պէտք է նաեւ միտքով սաղմոսեմ։ Այլապէս, եթէ միայն հոգիով գոհութիւն տաս Աստուծոյ, քու գոհութեանդ ի՞նչպէս « Ամէն » պիտի պատասխանէ անտեղեակ հաւատացեալ մը, որովհետեւ չի՛ հասկնար ինչ որ կ՚ըսես։ Քու գոհաբանութիւնդ կրնայ շատ լաւ ըլլալ, բայց ուրիշը անկէ չ՚օգտուիր։ Փառք Աստուծոյ, ես ձեր բոլորէն աւելի կը խօսիմ անծանօթ լեզուներով. բայց եկեղեցիին մէջ կը նախընտրեմ միայն հինգ բառ ըսել, բայց հասկնալի լեզուով ըսել՝ որպէսզի ուրիշներն ալ բան մը սորվին, քան թէ տասնեակ հազար բառ՝ անծանօթ լեզուներով։ Եղբայրնե՛ր, միտքով երեխայ մի՛ ըլլաք. երեխաներու պէս եղէք միայն չարիք խորհելու մէջ. իսկ անկէ դուրս՝ հասուն մարդու պէս խորհեցէք։ Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է.– «Օտար լեզուներ խօսող մարդոցմով, օտարներու շրթներով պիտի խօսիմ այս ժողովուրդին, եւ դարձեալ մտիկ պիտի չընեն ինծի».– կ՚ըսէ Տէրը։ Կը նշանակէ թէ՝ անծանօթ լեզուներով խօսիլը նշան մըն է, ո՛չ թէ հաւատացեալներուն, այլ՝ անհաւատներուն համար. մինչդեռ մարգարէական պատգամախօսութիւնը անհաւատներուն համար չէ, այլ՝ հաւատացեալներուն։ Երեւակայեցէք պահ մը, որ ամբողջ եկեղեցին մէկտեղ հաւաքուի եւ բոլորը սկսին լեզուներով խօսիլ. եթէ պատահի որ անհաւատներ կամ անտեղեակ հաւատացեալներ ներս մտնեն, պիտի չըսե՞ն՝ «Խենթեցե՞ր էք»։ Մինչդեռ եթէ պատահի որ անհաւատ մը կամ անտեղեակ հաւատացեալ մը ներս մտնէ՝ երբ բոլորն ալ Աստուծոյ պատգամները կը հռչակեն, այնպէս կը զգայ՝ թէ այդ պատգամներով իր յանցանքներն է որ կը յանդիմանուին ու կը քննուին, իր սրտի գաղտնիքներն են որ երեւան կու գան. եւ ուստի գետին կը խոնարհի ու երկրպագութիւն կ՚ընէ Աստուծոյ, խոստովանելով թէ՝ «Արդարեւ Աստուած ձեր մէջ ներկայ է»։ Ուրեմն, եղբայրնե՛ր. ի՞նչ ընել։ Երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ձեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ շնորհք ալ ունենայ՝ սաղմոսելու, ուսուցանելու, Աստուծոյ մէկ յայտնութիւնը բերելու, անծանօթ լեզուներով խօսելու թէ այդ լեզուներով խօսուածը բացատրելու, թող այդ բոլորը եկեղեցւոյ օգուտին ծառայեցնէ։ Լեզուներով խօսիլ ուզողնե՞ր կան. թող երկու, շատ–շատ երեք հոգի խօսին, եւ այն ալ՝ մէկ առ մէկ, իսկ ուրիշ մը թող անոնց խօսածները բացատրէ։ Իսկ եթէ չկայ մէկը որ բացատրէ, այնպիսիներ թող լուռ մնան եկեղեցիին մէջ, թող իրենց միտքին մէջ Աստուծոյ հետ խօսին։ Բայց եթէ Աստուծոյ պատգամները քարոզողներ կան՝ թող երկու կամ երեք հոգի խօսին, իսկ միւսները թող քննարկեն ըսուածները։ Եթէ պատահի որ մէկու մը խօսած ատեն նստողներէն մէկը Աստուծմէ յայտնութիւն մը ունենայ, թող առաջին խօսողը լռէ։ Բոլորդ ալ կրնաք մէկ առ մէկ Աստուծոյ պատգամախօսը ըլլալ, որպէսզի ամէնքն ալ սորվին եւ բոլորն ալ քաջալերուին։ Արդարեւ, մարգարէութեան հոգին մարգարէին կ՚ենթարկուի. որովհետեւ Աստուած անկարգութիւն չի կամենար, այլ՝ խաղաղութիւն, ինչպէս որ նոյնն է պարագան Աստուծոյ ժողովուրդին՝ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կիները պէտք է լուռ մնան, որովհետեւ իրենց արտօնուած չէ խօսիլ, այլ միայն՝ հնազանդութեամբ լսել, ինչպէս Աստուծոյ Օրէնքն ալ կ՚ըսէ։ Իսկ եթէ կ՚ուզեն ոեւէ բանի մասին աւելի գիտնալ, թող տունը իրենց ամուսիններուն հարցնեն. որովհետեւ պատշաճ չէ որ կին մը եկեղեցւոյ մէջ խօսի։ Այս մասին դուք ձեզի որոշումներ մի՛ առնէք։ Միթէ Աստուծոյ խօսքը ձեզմէ՞ ելաւ. կամ միայն ձեզի՞ հասաւ։ Ով որ կը կարծէ թէ ինք Աստուծոյ պատգամախօսն է կամ հոգեւոր պարգեւ մը ունի, թող գիտնայ որ ինչ որ գրեցի ձեզի՝ Տիրոջ պատուիրածներն են։ Իսկ ով որ պատուէրները անտեսէ՝ դուք ալ զինք անտեսեցէք։ Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, առաւելաբար ջանացէք Աստուծոյ պատգամները քարոզել. բայց անծանօթ լեզուներով խօսիլն ալ մի՛ արգիլէք։ Եւ ինչ որ կ՚ընէք՝ թող վայելուչ ու կարգ կանոնով ըլլայ։ Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզեմ ձեզի յիշեցնել այն Աւետարանը որ իմ քարոզութեամբս ընդունեցիք եւ որուն հաւատարիմ կը մնաք։ Այդ Աւետարանով ալ կը փրկուիք, եթէ զայն պահէք այնպէս՝ ինչպէս ես ձեզի քարոզեցի. այլապէս զուր տեղ հաւատացած կ՚ըլլաք։ Ես ձեզի փոխանցեցի այն հաւատքը որ նախ ե՛ս ընդունեցի. այն՝ որ Քրիստոս մեր մեղքերուն համար մեռաւ, ինչպէս Սուրբ գիրքերը կ՚ըսէին, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, դարձեալ Սուրբ գիրքերուն համաձայն, ու երեւցաւ Պետրոսին եւ ապա տասնըմէկ առաքեալներուն ։ Յետոյ երեւցաւ միատեղ խմբուած հինգ հարիւրէ աւելի հետեւորդներու. թէպէտեւ անոնցմէ ոմանք մեռած են, բայց շատերը ողջ են տակաւին։ Այնուհետեւ երեւցաւ Յակոբոսին եւ ապա բոլոր առաքեալներուն։ Ի վերջոյ, բոլորէն յետոյ երեւցաւ նաեւ ինծի, վիժածիս։ Արդարեւ, առաքեալներուն մէջ յետինն եմ ես եւ արժանի իսկ չեմ առաքեալ կոչուելու, քանի Աստուծոյ եկեղեցին հալածեցի։ Բայց հիմա ինչ որ եմ՝ Աստուծոյ շնորհքին կը պարտիմ. եւ կրնամ ըսել՝ թէ Աստուծոյ ինծի տուած շնորհքը ապարդիւն չեղաւ, որովհետեւ բոլոր առաքեալներէն աւելի ե՛ս աշխատեցայ, թէպէտ ինչ որ ըրի՝ ես չըրի, այլ իմ մէջս գործող Աստուծոյ շնորհքը։ Սակայն կարեւոր չէ՝ ե՞ս քարոզեցի թէ միւս առաքեալները. որովհետեւ բոլորիս ալ քարոզածը նոյն Աւետարանն է, որուն դուք հաւատացիք։ Արդ, քանի մենք կը քարոզենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեր մէջէն ոմանք կ՚ելլեն ըսելու՝ թէ «Մեռելներու յարութիւն չկայ»։ Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած. եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը։ Այդ պարագային մենք Աստուծոյ համար սուտ վկայած կ՚ըլլանք, քանի վկայեցինք՝ թէ Աստուած Քրիստոսը յարուցանեց. մինչդեռ եթէ ընդունինք թէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, ըսած կ՚ըլլանք նաեւ՝ թէ Աստուած Քրիստոսը չյարուցանեց։ Որովհետեւ երբ կ՚ըսենք՝ «Մեռելները յարութիւն չեն առներ», Քրիստոսի յարութիւնն ալ մերժած կ՚ըլլանք։ Իսկ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ինքնախաբէութիւն է ձեր հաւատքը. ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք։ Ուրեմն ի՞նչ. անոնք որոնք Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան՝ կորսուա՞ծ են ընդմիշտ։ Եթէ այդպէս է, եւ միայն այս կեանքին համար յոյս դրած ենք Քրիստոսի վրայ, մարդոց մէջ ամենէն խղճալիներն ենք։ Բայց ո՛չ. Քրիստոս արդարեւ մեռելներէն յարութիւն առած է, որպէս առաջին օրինակ մեռելներու յարութեան։ Ինչպէս մարդով մը սկիզբ առաւ մահը, նոյնպէս մարդով մը սկիզբ կ՚առնէ մեռելներու յարութիւնը։ Ինչպէս Ադամէ ծնածները բոլորն ալ կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսէ ծնածները բոլորն ալ պիտի կենդանանան։ Բայց իւրաքանչիւրը իր կարգին։ Այժմ երախայրիքը՝ Քրիստոս, իսկ իր երկրորդ գալուստին՝ բոլոր իրեն պատկանողները. որմէ ետք պիտի գայ վախճանը, երբ Քրիստոս թագաւորութիւնը պիտի յանձնէ Հօր Աստուծոյ, ոչնչացնելէ ետք ոգեղէն աշխարհի չար իշխանութիւնները, պետութիւնները եւ զօրութիւնները։ Որովհետեւ Քրիստոս պիտի թագաւորէ՝ մինչեւ որ Աստուած բոլոր թշնամիները անոր ոտքերուն տակ դնէ իբրեւ պատուանդան։ Վերջին թշնամին որ պիտի բնաջնջուի՝ Մահը պիտի ըլլայ։ Այդպիսով պիտի կատարուի մարգարէութիւնը, թէ «Աստուած ամէն բան անոր ենթարկեց»։ Բայցանշուշտ երբ կ՚ըսէ՝ «ամէն բան անոր ենթարկած է», յստակօրէն կը հասկնանք՝ «ամէն ինչ» բացի Աստուծմէ, որ ամէն բան անոր ենթարկեց։ Իսկ երբ ամէն բան ենթարկուի Որդիին, այն ատեն Որդին ալ ինքզինք պիտի ենթարկէ Աստուծոյ, որ ամէն բան իրեն ենթարկեց, որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ ամէն բանի մէջ։ Եթէ մեռելներըբնաւալյարութիւնպիտիչառնեն, հապա ի՞նչ է որ կ՚ընեն անոնք՝ որ մեռելներուն փոխարէն կը մկրտուին. ինչո՞ւ ուրեմն կը մկրտուին անոնց փոխարէն։ Իսկ մե՞նք. ինչո՞ւ կը շարունակենք նեղութիւններ կրել։ Ամէն օր ես ինքզինքս մահուան վտանգին կ՚ենթարկեմ, եղբայրնե՛ր. վկայ էք դուք՝ իմ պարծանքս, որ մեր Տիրոջ Քրիստոս Յիսուսի կը պատկանիք։ Եթէ իբրեւ ոեւէ մարդ մտածէի՝ ի՞նչ պէտք ունէի «գազան» ներու դէմ կռուելու այստեղ, Եփեսոսի մէջ։ Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ՝ ուրեմն «Ուտենք, խմենք. քանի վաղը պիտի մեռնինք», ինչպէս մարդիկ յաճախ կ՚ըսեն։ Ո՛չ, եղբայրնե՛ր. չխաբուի՛ք։ «Չար ընկերը լաւ նկարագիրը կը խաթարէ»։ Սթափեցէք եւ արդար կեանք վարեցէք. մի՛ մեղանչէք։ Դեռ ձեզմէ շատեր զԱստուած չեն ճանչցած։ Ասիկա կ՚ըսեմ՝ որ ամչնաք։ Բայց մէկը կրնայ հարցնել. «Ի՞նչպէս յարութիւն կ՚առնեն մեռելները. կամ ի՞նչպիսի մարմինով պիտի գան»։ Լսէ՛, անմի՛տ։ Նախ, երբ սերմնահատիկ մը ցանես՝ հատիկը չի բուսնիր մինչեւ չմեռնի։ Եւ յետոյ, սերմանածդ պարզ հատիկ մըն է, ցորենի կամ ուրիշ սերմերու, եւ ո՛չ թէ այն հասկը որ պիտի ծլի։ Աստուած այդ հատիկին մարմին մը կու տայ, ինչպէս որ ինք կը կամենայ. բայց սերմերէն իւրաքանչիւրին՝ իրեն յատուկ մարմինը կու տայ։ Անշուշտամէն մարմին նոյնը չէ։ Մարդոց մարմինը ուրիշ է, կենդանիներուն մարմինը՝ ուրիշ. թռչուններուն մարմինը ուրիշ է, ձուկերուն մարմինը՝ ուրիշ։ Կան նաեւ երկնաւոր մարմիններ ու երկրաւոր մարմիններ. սակայն ուրի՛շ է երկնաւոր մարմիններու շքեղութիւնը, եւ ուրիշ՝ երկրաւոր մարմիններու շքեղութիւնը։ Ուրիշ է արեւուն շքեղութիւնը, ուրիշ՝ լուսինին շքեղութիւնը, եւ դեռ ուրիշ՝ աստղերուն շքեղութիւնը։ Եւ նոյնիսկ աստղերէն ոմանք աւելի շքեղ են քան միւսները։ Ճիշդ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ մեռելներու յարութիւնը։ Մարմինը հող կը դրուի եղծանելի վիճակով, եւ յարութիւն կ՚առնէ՝ անեղծ. հող կը դրուի անարգ, եւ յարութիւն կ՚առնէ՝ փառաւոր. հող կը դրուի տկար, եւ յարութիւն կ՚առնէ զօրաւոր. հող կը դրուի իբրեւ շնչաւոր մարմին, եւ յարութիւն կ՚առնէ իբրեւ հոգեւոր մարմին։ Ինչպէս որ շնչաւոր մարմին կայ, այնպէս ալ հոգեւոր մարմին կայ։ Սուրբ գիրքին մէջ այսպէս գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ, ստեղծուեցաւ իբրեւ շնչաւոր էակ», մինչ երկրորդ Ադամը՝ կենդարար հոգի է։ Արդ, շնչաւոր մարմինը նուազ կարեւոր է, քան հոգեւորը. ատոր համար ալ նախ շնչաւորը կու գայ եւ յետոյ հոգեւորը։ Առաջին մարդը երկրէն էր եւ հողեղէն, մինչ երկրորդ մարդը՝ մեր Տէրը, երկինքէն է։ Ինչպէս որ էր հողեղէնը, նոյնպէս ենք բոլոր հողեղէններս. եւ ինչպէս որ է երկնաւորը՝ նոյնպէս պիտի ըլլան բոլոր երկնաւորները։ Այսինքն, ինչպէս որ կը կրենք հողեղէն Ադամին պատկերը, այնպէս պիտի կրենք նաեւ երկնաւոր Ադամին պատկերը։ Ըսել կ՚ուզեմ թէ, եղբայրնե՛ր, մարմինն ու արիւնը իրենց ներկայ վիճակով չե՛ն կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգել. եղծանելին չի կրնար անեղծութիւնը ժառանգել։ Հիմա ձեզի ծածուկ խորհուրդ մը յայտնեմ։ Բոլորս չէ՛ որ պիտի մեռնինք. բայց երբ վերջին փողը հնչէ՝ ամէնքս ալ յանկարծ պիտի նորոգուինք ակնթարթի մը մէջ։ Որովհետեւ փողը պիտի հնչէ եւ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն անեղծ մարմիններով, եւ մենք պիտի նորոգուինք։ Որովհետեւ մեր այս եղծանելի բնութիւնը պէտք է անեղծ բնութեան փոխուի. այս մահկանացու բնութիւնը պէտք է անմահ բնութեան փոխակերպուի։ Եւ երբ մեր այս եղծանելի բնութիւնը անեղծ բնութեան փոխուի, եւ այս մահկանացու բնութիւնը անմահ բնութեան փոխակերպուի, այն ատեն պիտի իրականանայ գրուած մարգարէութիւնը, որ կ՚ըսէ.– «Մահը կլանուեցաւ. յաղթանակը շահուեցաւ»։ «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայթոցդ»։ Մահուան խայթոցը մեղքն է. իսկ մեղքը իր ոյժը Օրէնքէն կ՚առնէ։ Բայց փա՜ռք Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ պարգեւեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Ուստի, սիրելի՛ եղբայրներս, ամուր եւ հաստատուն մնացէք, միշտ աւելիով աշխատեցէք Տիրոջ գործին համար, գիտնալով որ ձեր յոգնութիւնը առանց վարձատրութեան չի մնար Աստուծոյ առջեւ։ Ինչ կըվերաբերի Երուսաղէմիհաւատացեալներուն համար կատարուելիք հանգանակութեան, դո՛ւք ալ ըրէք այն՝ ինչ որ Գաղատիայի եկեղեցիներուն պատուիրեցի։ Ամէն Կիրակի ձեզմէ իւրաքանչիւրը պզտիկ խնայողութիւն մը թող մէկ կողմ դնէ, իր կարողութեան չափով, որպէսզի հանգանակութիւնը գալէս ետք չըլլայ, այլ երբ գամ՝ յանձնարարական նամակներ տամ եւ Երուսաղէմ ղրկեմ ձեր ընտրած մարդիկը, որպէսզի ձեր նուէրները տանին։ Իսկ եթէ իմ երթալս ալ յարմարի՝ հետս կ՚երթան։ Երբոր Մպկեդոնիպ պնցնիմ՝ ձեր մօտ ալ պիտի գամ։ Արդարեւ Մակեդոնիայէն պիտի անցնիմ։ Հաւանաբար քիչ մը ձեր մօտ մնամ. թերեւս ձմեռն ալ հոդ անցընեմ, որպէսզի յետոյ ձեր օգնութեամբ երթամ ուր որ երթալիք ըլլամ։ Այս անգամ չեմ ուզեր անցողակի տեսնել ձեզ. յուսով եմ որ ժամանակ մը կը մնամ ձեր մօտ, եթէ Տէրը թոյլ տայ։ Հիմակուհիմա Եփեսոս կը մնամ, մինչեւ Պենտէկոստէի տօնը, որովհետեւ աշխատանքի շատ մեծ եւ կարեւոր պատեհութիւն մը բացուած է դիմացս, թէպէտ հակառակորդները շատ են։ Երբ Տիմոթէոսը գայ, այնպէս ըրէք՝ որ չվախնայ ձեր մօտ մնալու։ Ան ալ Տիրոջ համար կ՚աշխատի, ինծի պէս. հետեւաբար չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը զինք արհամարհէ։ Զայն խաղաղութեամբ հոս՝ քովս ղրկեցէք, որովհետեւ այստեղի հաւատացեալ եղբայրներով միասին իրեն կը սպասեմ։ Գալով Ապողոս եղբօր, շատ խնդրեցի որ հաւատացեալ քանի մը եղբայրներով ձեր մօտ գայ. բայց չուզեց հիմա գալ։ Յարմար առիթով մը պիտի գայ սակայն։ Արթուն եղէք, հաստատուն մնացէք ձեր հաւատքին վրայ. քաջ եղէք, զօրացէք։ Ինչ որ կ՚ընէք՝ սիրով ըրէք։ Գիտէք Ստեֆանասը, որ Աքայիա նահանգին մէջ Քրիստոսի առաջին հաւատացողն է, եւ իր ընտանիքի անդամները, որոնք իրենք զիրենք Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայութեան նուիրեցին։ Կ՚աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, որ հնազանդիք այնպիսիներուն եւ անոնց բոլոր գործակիցներուն ու ծառայակիցներուն։ Ուրախացայ՝ երբ Ստեֆանասը, Ֆորտունատոսն ու Աքայիկոսը եկան։ Ձեր լուրերը իրենցմէ առի, եւ միտքս հանգստացաւ, ինչպէս հիմա ձեր միտքն ալ հանգստացաւ։ Յարգեցէ՛ք այդպիսիները։ Ասիա նահանգի եկեղեցիները բարեւ ունին ձեզի։ Շատ բարեւ ունին նաեւ Ակիլասն ու Պրիսկան, որոնք Տիրոջ հաւատացողներ են, եւ ամբողջ եկեղեցին որ անոնց տունը կը հաւաքուի։ Բոլոր հաւատացեալ եղբայրները կ՚ողջունեն ձեզ։ Դուք ալ իրար ողջունեցէք սուրբ համբոյրով։ Ես՝ Պօղոս, այս բարեւը իմ ձեռքովս կը գրեմ։ Ով որ Տէր Յիսուսը չի սիրեր՝ նզովեալ ըլլայ։ Մարան աթա. Տէրը շուտով կու գայ։ Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Իմ սէրս ալ ձեզի հետ ըլլայ. բոլորիդ՝ որ Քրիստոս Յիսուսի կը պատկանիք։ Ամէն։ Ես, Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը, կը գրենք ձեզի՝ Կորնթոսի մէջ հաստատուած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ ամբողջ Աքայիայի մէջ գտնուող քրիստոնեաներուդ։ Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։ Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ հայրաբար կը գթայ եւ որպէս Աստուած կը մխիթարէ ու կը զօրացնէ մեզ՝ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ, որպէսզի մենք կարենանք Աստուծմէ մեր վայելած օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը տալ անոնց՝ որոնք ամէն տեսակի նեղութեանց մէջ են։ Որովհետեւ, որքան շատ բաժնեկից կ՚ըլլանք Քրիստոսի չարչարանքներուն, այնքան աւելի մեծ կ՚ըլլայ իր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը մեզի։ Մենք նեղութեանց կ՚ենթարկուինք՝ ձեզի օգնելու եւ Աստուծոյ փրկութիւնը ձեզի բերելու համար. եւ եթէ Աստուած կ՚օգնէ մեզի՝ կրկին ձեզի օգնելու համար է, որպէսզի մեր օրինակով սորվիք, թէ Աստուած ձեզ ալ պիտի զօրացնէ՝ որ համբերութեամբ կարենաք տանիլ այն չարչարանքները որ մենք հիմա կը կրենք։ Ուստի ձեր վրայ հաստատուն յոյս ունինք, գիտնալով որ՝ քանի մեր չարչարանքներուն մասնակից էք՝ մեր ունեցած մխիթարութեան ալ մասնակից պիտի ըլլաք։ Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզեմ որ գիտնաք՝ թէ ի՜նչ նեղութիւն կրեցինք Ասիա նահանգին մէջ։ Մեր կարողութենէն ա՛յնքան վեր էր բեռը, որ գրեթէ ապրելու յոյսը կորսնցուցինք։ Զգացինք որ մահուան վճիռը կախուած է մեր վրայ։ Բայց ատիկա եղաւ, որպէսզի սորվինք մենք մեզի չապաւինիլ, այլ՝ Աստուծոյ, որ կը յարուցանէ մեռելները։ Ա՛ն էր որ այդպիսի ահաւոր մահուընէ մը փրկեց մեզ, կը փրկէ, եւ վստահ ենք որ յառաջիկային եւս պիտի փրկէ՝ մեզի համար ձեր կատարած աղօթքներուն օգնութեամբ։ Եւ ձեր աղօթքները, որոնց շնորհիւ Աստուած իր հովանին անպակաս պիտի ընէ մեր վրայէն, պատճառ պիտի ըլլան որ շատեր մեզի համար գոհութիւն տան Աստուծոյ։ Պարծանքով կրնամ ըսել, եւ խիղճս ալ կը վկայէ, որ բոլորին հանդէպ ու մանաւանդ ձեզի հանդէպ եղած եմ պարզ ու անկեղծ, ինչպէս Աստուած կը կամենայ. ո՛չ թէ մարդկային իմաստութենէ մղուած, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքովը։ Այս վստահութեամբ ալ ծրագրած էի նախ ձեզի գալ, որպէսզի կրկին անգամ Աստուծոյ շնորհքը ընդունիք, եւ ձեր վրայով անցնիլ Մակեդոնիա. ապա կրկին Մակեդոնիայէն ձեզի հանդիպիլ եւ ձեր օգնութեամբ մեկնիլ Հրէաստան: Բայց եթէ չիրականացաւ ինչ որ ծրագրած էի, կը կարծէ՞ք որ թեթեւութեամբ շարժեցայ. կամ կը խորհիք թէ անսկզբունք մարդու մը պէ՞ս որոշումներ կ՚առնեմ, որուն ո՛չ Այոն Այո է եւ ոչ ալ Ոչը՝ Ոչ։ Աստուած վկայ է՝ որ ձեր մէջ կատարած մեր քարոզութիւնը երկդիմի չեղաւ երբեք։ Որովհետեւ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս եւս, որ մենք՝ ես, Սիղուանոսը եւ Տիմոթէոսը ձեզի քարոզեցինք, աշխարհին տրուած Այո եւ Ոչ չէր, այլ՝ Աստուծոյ Այոն եղաւ։ Արդարեւ, Քրիստոս Աստուծոյ բոլոր խոստումներուն Այոն է։ Ահա թէ ինչու, մենք Քրիստոսը ընդունելով՝ Աստուծոյ Այո–ին « Ամէն » կ՚ըսենք, իր փառքին համար։ Եւ Աստուած ինքն է որ մեզ եւ ձեզ Քրիստոսով հաստատունկը պահէ։ Ինքն է որ մեզ օծեց եւ իր կնիքը դրաւ մեր վրայ, մեզի տալով Սուրբ Հոգին՝ իբրեւ գրաւական մեր ստանալիք ժառանգութեան։ Աստուածվկայէըսածիս, ինք՝որկըճանչնայ իմ սիրտս, որ եթէ Կորնթոս չեկայ՝ ձեզի խնայելու համար էր որ չեկայ։ Եւ ձեր համոզումները փոխելու համար չէ՛ որ ասիկա կ՚ըսեմ, որովհետեւ գիտեմ թէ ձեր համոզումներուն մէջ հաստատ կը մնաք. այլ կ՚ուզեմ օգնել, որ ձեր ուրախութիւնը գտնէք։ Հետեւաբար, ես ինքս որոշեցի Կորնթոս չգալ, որ–պէսզի դարձեալ չտրտմեցնեմ ձեզ։ Որովհետեւ եթէ ես ձեզ տրտմեցնեմ՝ ալ ո՞վ զիս պիտի ուրախացնէ. չէ՞ որ նոյնինքն իմ տրտմեցուցած անձերս պիտի ըլլան զիս ուրախացնողները։ Եւ այս նամակս գրեցի, որովհետեւ կ՚ուզէի որ գալուս՝ միայն ուրախանամ ձեզմով, եւ ո՛չ թէ տրտմիմ, վստահ ըլլալով՝ որ իմ ուրախութիւնս ձեր բոլորին ուրախութիւնն է։ Իրապէս ալ, սիրտս մեծ վիշտով ու նեղութեամբ լեցուած էր, եւ աղի արցունքով գրեցի զայն, ո՛չ թէ որպէսզի տրտմիք, այլ որպէսզի գիտնաք այն անսահման սէրը որ ունիմ ձեզի հանդէպ։ Գալով անոր՝ որ տրտմութեան պատճառ եղաւ, միայն զիս չէր որ տրտմեցուց, այլ՝ եթէ ոչ բոլորդ՝ գոնէ ձեզմէ ոմանք. ոմանք կ՚ըսեմ, որպէսզի չափազանցած չըլլամ։ Բայց արդէն անոր կը բաւէ այն պատիժը որ ձեզմէ շատերէն կրեց։ Այսուհետեւ՝ ընդհակառակը՝ աւելի պէտք է ներել եւ յուսադրել զինք, որպէսզի չըլլայ որ չափազանց տրտմութենէն յուսահատութեան մատնուի։ Ուստի կ՚աղաչեմ, որ վերստին սէր ցոյց տաք իրեն։ Նամակս գրած էի՝ ձեզ փորձելու համար. տեսնելու թէ իսկապէս հնազա՞նդ էք։ Եթէ դուք կը ներէք իրեն՝ ես ալ կը ներեմ. որովհետեւ ես ալ երբ ոեւէ բան կը ներեմ՝ ձեզի համար կը ներեմ, Քրիստոսի փոխարէն, որպէսզի չըլլայ որ Սատանան մեր աններողութիւնը օգտագործէ. որովհետեւ անոր խորհուրդները լաւ գիտենք։ Երբ Տրովադա հասայ, Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու համար, Տէրը իմ առջեւս յաջողութեան դուռը բացաւ։ Բայց ես չափազանց մտահոգ էի, որովհետեւ հոն չգտայ Տիտոսը, մեր եղբայրը։ Ուստի Տրովադացիներէն հրաժեշտ առնելով՝ Մակեդոնիա հասայ։ Արդ, գոհութիւն Աստուծոյ, որ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից կը դարձնէ մեզ, եւ մեր միջոցաւ իր գիտութեան բոյրը կը տարածէ ամենուրեք։ Փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն մէջ ապրինք, թէ՝ կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն, մեր կեանքերը Քրիստոսի ձեռքով Աստուծոյ ընծայուած անուշահոտ խունկի պէս իրենց բոյրը կը տարածեն։ Կորուստի ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար՝ մահաբոյր եւ մահաբեր կը թուի մեր կեանքը, բայց փրկութեան ճամբուն մէջ գտնուողներուն համար՝ կեանքի բուրմունք է, կեանքի տանող։ Սակայն ո՞վ կրնայ այսպիսի կեանք մը ապրիլ։ Անշուշտ ո՛չ անոնք՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը վաճառքի կը հանեն, այլ՝ մենք, որ անկեղծօրէն կը խօսինք Աստուծոյ առջեւ՝ որպէս Քրիստոսի միացած Աստուծոյ պատգամաւորները։ Բայց ասիկա ըսելով, արդեօք ուրիշներու պէս մենքմեզ գովաբանա՞ծ կ՚ըլլանք։ Պէտք ունի՞նք միթէ ձեզմէ յանձնարարական առնելու կամ այդպիսի նամակներով ձեզի ներկայանալու, ինչպէս ոմանք կ՚ընեն։ Որովհետեւ մեր լաւագոյն յանձնարարականը, որ ձեր սիրտերուն մէջ գրուած է՝ դուք էք, ձեր կեանքերով, որ ամէն մարդ կրնայ ճանչնալ ու կարդալ, եւ կրնայ յստակօրէն տեսնել՝ թէ Քրիստոսի նամակն էք դուք, պարզապէս մեր ձեռքով գրուած։ Գրուած՝ ո՛չ թէ մելանով, այլ՝ կենդանի Աստուծոյ Հոգիով. ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու, այլ՝ ձեր սիրտերու մարմնեղէն տախտակներուն վրայ։ Աստուծոյ վրայ մեր ունեցած վստահութեամբն է որ կ՚ըսենք այս բաները. վստահութիւն՝ որ Քրիստոս կու տայ մեզի։ Որովհետեւ բնաւ չենք խորհիր որ մենք մեր ոյժերով այդպիսի գործ մը կրնանք ընել. այլ՝ Աստուած է որ այդ կարողութիւնը կու տայ մեզի։ Դարձեալ ինքն է, որ մեզ արժանի ըրաւ ըլլալու ծառաները նոր Ուխտին, որ կապուած չէ՛ գրաւոր Օրէնքին, այլ՝ Սուրբ Հոգիին. որովհետեւ գրաւոր Օրէնքը մահուան կ՚առաջնորդէ, մինչդեռ Հոգին կեանք կու տայ։ Երբ Օրէնքը գիրերով կը դրոշմուէր քարեղէն տախտակներուն վրայ, Աստուծոյ փառքը յայտնուեցաւ եւ Մովսէսի դէմքը այնպիսի՛ փայլքով մը կը փայլէր, որ Իսրայէլացիներ չկրցան անոր երեսին նայիլ, թէպէտ այդ փայլքը շուտով պիտի անցնէր։ Արդ, եթէ Օրէնքը՝ որ մահուան կ՚առաջնորդէր, այդպիսի փառքով մը տրուեցաւ, որքա՜ն աւելի փառաւոր պիտի ըլլար Սուրբ Հոգիին տըւչութիւնը։ Արդարեւ, եթէ դատապարտութիւն բերող Օրէնքին մատակարարումը փառաւոր էր, իր փառաւորութեամբը գերազանց է մատակարարումը Սուրբ Հոգիին, որ մարդիկը կ՚արդարացնէ։ Կրնանք այս պարագային ըսել, որ Հոգիի Օրէնքին գերազանց փառաւորութեան հետ համեմատած՝ գրաւոր Օրէնքին փառքը ոչինչ է։ Եւ իրապէս, եթէ ժամանակաւորը փառաւորութեամբ տրուեցաւ, որքա՜ն աւելի փառաւոր է մնայունը։ Արդ, որովհետեւ մենք այսպիսի յոյս մը ունինք, բաց երեսով կը խօսինք ձեզի հետ, եւ ո՛չ թէ Մովսէսի պէս, որ իր դէմքը քողով կը ծածկէր՝ որպէսզի Իսրայէլացիներ մինչեւ վերջ չնային այն փառքին որ շուտով պիտի անցնէր։ Արդարեւ, անոնց միտքերը փակուեցան, եւ մինչեւ այսօր ալ երբ Հին Կտակարանը կը կարդան՝ նոյն այդ քողը կը մնայ իրենց միտքերուն վրայ, որովհետեւ կը վերնայ միայն ա՛յնատեն՝ երբ Քրիստոսի հաւատան։ Եւ մինչեւ այսօր, ե՛րբ որ ալ Մովսէսի գիրքերը կը կարդան՝ նոյն քողը վարագոյրի պէս կը փակէ անոնց միտքերը։ Բայց երբ Տիրոջ դառնան՝ քողը կը վերցուի. քանի Տիրոջ դառնալ՝ կը նշանակէ Հոգին ունենալ, եւ ուր որ Տիրոջ Հոգին ներկայ է՝ հոն ազատութիւն է։ Եւ մենք բոլորս ալ, որ բաց երեսով Տիրոջ փառքը կ՚արտացոլացնենք հայելիի մը պէս, նոյն այդ պատկերով կը փոխակերպուինք՝ հետզհետէ աճող փառքով մը։ Եւ այդ փոխակերպումը Տիրոջ Հոգին է որ կ՚իրագործէ։ Հետեւաբար չենք յոգնիր այս պաշտօնէն, որ Աստուած մեզի տուաւ իր ողորմութեամբ։ Հրաժարած ենք վարագոյրի ետին նիւթուած ամօթալի գործերէն, այսինքն՝ խորամանկութիւն ի գործ չենք դներ եւ Աստուծոյ խօսքը չենք նենգափոխեր. այլ բացէ ի բաց ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք, եւ ա՛յսպէս կը ներկայանանք մարդոց առջեւ, ինչպէս պիտի ընէինք Աստուծոյ առջեւ։ Իսկ հակառակ ասոր, եթէ մեր քարոզութիւնը մութ կը թուի ոմանց, մութ կը թուի միայն անոնց՝ որոնք կորուստի ճամբուն մէջ են։ Այս աշխարհի “աստուած” ը նկատուած Սատանան կուրցուցած է այդ անհաւատներուն միտքը, որպէսզի չըլլայ որ Աւետարանին բերած լոյսը ծագի անոնց մէջ, այսինքն՝ տեսնեն փառքը Քրիստոսի, որ անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է։ Սակայն մենք մեր անձերը չէ որ կը քարոզենք, այլ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը կը քարոզենք եւ Յիսուսի սիրոյն մենք մեզ ձեր ծառաները դարձուցած ենք։ Որովհետեւ Աստուած ինք, որ ըսաւ՝ «Խաւարին մէջ լոյս թող ծագի», ինք մեր սիրտերուն մէջ ծագեցաւ, որպէսզի լուսաւորուինք եւ Աստուծոյ փառքը ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ։ Արդ, այս գանձը մեր մէջ կը կրենք՝ կաւէ անօթներու պէս, որպէսզի յստակօրէն երեւի՝ թէ այս անսահման զօրութիւնը Աստուծմէ է որ կու գայ, եւ ո՛չ թէ մեզմէ։ Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատչենք. հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած՝ բայց խորտակուած չենք։ Շարունակ Յիսուսի մահը մեր մարմիններուն մէջ կը կրենք, որպէսզի Յիսուսի կեանքն ալ մեր մարմիններուն մէջ յայտնուի։ Որքան ատեն որ կ՚ապրինք՝ միշտ մահուան կը մատնուինք Յիսուսի սիրոյն, որպէսզի նաեւ Յիսուսի կեանքը յայտնուի մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ։ Այսպիսով, մահը կը ներգործէ մեր մէջ, որպէսզի կեանքը ներգործէ ձեր մէջ։ Սաղմոսին մէջ գրուած է. «Հաւատացի.ահա թէ ինչո՛ւ խօսեցայ»։ Հաւատքի նոյն ոգին ունինք մենք։ Մենք ալ կը հաւատանք, ուստի նաեւ կը խօսինք։ Գիտենք թէ Աստուած՝ որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց, Յիսուսի հետ մեզ եւս պիտի յարուցանէ եւ ձեզմով միասին իր ներկայութեան կանգնեցնէ։ Այս բոլորը ձեզի համար կ՚ըլլան, որպէսզի փրկութեան շնորհքը աւելի եւ աւելի անձերու վրայ տարածուի, եւ գոհաբանական աղօթքները առատանան՝ Աստուծոյ փառքին համար։ Ուստի չենք թուլնար բնաւ։ Նոյնիսկ եթէ մարմնապէս հետզհետէ կը քայքայուինք, բայց ներքնապէս կը նորոգուինք օրէ օր։ Ներկայի մեր կրած այս թեթեւ նեղութիւնը արտակարգօրէն գերազանց եւ յաւիտենական փառք մը կ՚ապահովէ մեզի։ Եւ մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ, այլ՝ հոգեւոր իրականութեան վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները՝ յաւիտենական։ Արդարեւ, գիտենք թէ հողեղէն այս տունը, որ մերմարմինն էեւ որուն մէջ կը բնակինք, պիտի քայքայուի. բայց երկինքի մէջ ունինք Աստուծոյ կողմէ պատրաստուած անձեռագործ եւ յաւիտենական մարմին մը՝ իբրեւ տուն։ Որքան ատեն որ հողեղէն այս մարմինին մէջն ենք՝ կը հառաչենք, երկնային մարմինը հագնելու փափաքով։ Միայն թէ չըլլայ որ երբ այս մարմինէն մերկանանք՝ առանց մարմինի մնանք։ Այո՛, որքան ատեն որ հողեղէն այս մարմինին մէջն ենք՝ կը հառաչենք, կարծես բեռան մը տակ ճնշուած. ո՛չ թէ որովհետեւ կ՚ուզենք այս մարմինը մեր վրայէն հանել, այլ կ՚ուզենք երկնայինը ասոր վրայ հագնիլ, որպէսզի այս մահկանացու մարմինը սուզուի կեանքին մէջ։ Աստուած ինքն է որ մեզ այս փոխակերպումին կը պատրաստէ, եւ որպէս գրաւական տուած է իր Հոգին։ Հետեւաբար, միշտ վստահութեամբ լեցուն ենք։ Գիտենք, թէ որքան ատեն որ այս մարմինին մէջ կը բնակինք՝ դուրս կը մնանք մեր իսկական տունէն, հեռու Տիրոջմէ, որովհետեւ հաւատքով է որ կ՚ապրինք, առանց զինք տեսնելու։ Բայց վստահութիւն ունինք, եւ շատ աւելի պիտի ուզէինք այս մարմինէն դուրս գալ եւ Տիրոջ քով ըլլալ։ Ուստի, այս մարմինին մէջ մնանք թէ հեռանանք, մեր միակ ձգտումն է՝ Աստուծոյ հաճելի ըլլալ։ Որովհետեւ բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք, որպէսզի իւրաքանչիւրը իր մարմինով ընդունի հատուցումը երկրի վրայ իր կատարած բարի կամ չար գործերուն։ Ուստի, մենք միայն Տիրոջմէ կը վախնանք։ Գալով մարդոց, կը փորձենք զանոնք համոզել մեր գործով ու խօսքով, որոնք յայտնի են Աստուծոյ, եւ կարծեմ ձեր խիղճերն ալ կը վկայեն այդ մասին։ Մեր նպատակը ձեր հաճութիւնը շահիլ չէ։ Ընդհակառակը, կ՚ուզենք ձեզի պարծանքի պատճառ մը տալ, որ դուք մեզմով պարծենաք անո՛նց դիմաց, որոնք, ի հեճուկս մեզի, արտաքին առաւելութիւններով կը պարծենան, փոխանակ նկարագրային առաւելութիւններով պարծենալու։ Կա՛մ այն է՝ որ մեր խօսածները զառանցանք են թող Աստուած դատէ ատիկա – եւ կա՛մ այն է՝ որ ողջմտութիւն են – դո՛ւք դատեցէք ատիկա։ Սա՛ միայն գիտենք, թէ Քրիստոսի սէրն է որ կը ստիպէ մեզ այսպէս վարուելու։ Գիտենք թէ Քրիստոս մեռաւ բոլոր մարդոց փոխարէն, եւ հետեւաբար բոլորն ալ միասին մեռած եղան։ Եւ Քրիստոս բոլորինհամար մեռաւ, որպէսզի հաւատքով կենդանացողները այլեւս չապրի՛ն իրենք իրենց համար, այլ անոր համար՝ որ իրենց փոխարէն մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։ Այնպէս որ, այսուհետեւ մենք ոեւէ հաւատացեալի չենք նայիր զուտ մարդկային չափանիշով։ Կար ժամանակ, երբ մենք ալ այդպէս կը նայէինք Քրիստոսի. բայց հիմա ամբողջութեամբ տարբեր կը մտածենք։ Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ։ Եւ այս նորոգութիւնը կու գայ Աստուծմէ, որ Քրիստոսի միջոցաւ մեզ իրեն հետ հաշտեցուց եւ նաեւ պաշտօն տուաւ մեզի՝ ուրիշներն ալ հաշտութեան բերելու։ Այսինքն, Աստուած ինքն էր որ Քրիստոսի միջոցաւ աշխարհը հաշտեցուց իրեն հետ, անյիշաչար գտնուելով մարդոց մեղքերուն հանդէպ, եւ մեզի պաշտօն տուաւ՝ որ այս հաշտութիւնը պատգամենք բոլոր մարդոց։ Ահա թէ ինչու՝ մենք Քրիստոսի կողմէ պատգամաւորութիւն կ՚ընենք, այնպէս՝ որ կարծես Աստուած ինք մեր միջոցաւ կը խօսի ձեզի. եւ Քրիստոսի կողմէ կ՚աղաչենք ձեզի.– Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ։ Որովհետեւ Աստուած մեզի համար մեղքի պատարագ ըրաւ Քրիստոսը, ան՝ որ բնաւ մեղք չէր գործած, որպէսզի մենք անոր միանալով արդարանանք Աստուծոյ համար։ Արդ, որովհետեւ Աստուծոյ գործպկիցներն ենք, կ՚աղաչենք ձեզի, մի՛ վատնէք Աստուծմէ ձեր ստացած շնորհքը։ Որովհետեւ Աստուած կ՚ըսէ.– «Երբ յարմար ժամանակը եկաւ՝ լսեցի քեզ, երբ փրկութեան օրը հասաւ՝ օգնեցի քեզի»։ Ահա հիմա՛ է այդ յարմար ժամանակը. հիմա՛ է փրկութեան օրը։ Ոեւէ բանով պատճառ մի՛ ըլլաք որ Աստուծոյ գործը խափանուի կամ վարկաբեկուի. այլ՝ բոլոր պարագաներուն ալ դուք ձեզ ցոյց տուէք որպէս Աստուծոյ պաշտօնեաներ, մեծ համբերութեամբ յանձն առնելով նեղութիւնը, վիշտը, չարչարանքը, ծեծը, բանտը, խռովարարներու վայրագութիւնները, յոգնութիւնը, անքնութիւնը, անօթութիւնը։ Այս բոլորը տարէք՝ մաքուր սրտով, գիտակցօրէն, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով, ճշմարտութիւնը քարոզելով, Աստուծոյ զօրութեամբ եւ արդարութեամբ զինուած՝ չարին դէմ յարձակելու եւ ինքզինք պաշտպանելու համար։ Մի՛ այլայլիք՝ ո՛չ փառքէն եւ ո՛չ անարգանքէն, ո՛չ գովասանքէն եւ ո՛չ մեղադրանքէն։ Մարդիկ մոլորած թող ըսեն մեզի. մենք գիտենք թէ ճշմարտութենէն չենք շեղած։ Թող չուզեն մեզ ճանչնալ. մենք գիտենք թէ մեզ լաւ կը ճանչնան։ Թող մեռած սեպեն մեզ. մենք ահա կենդանի ենք։ Թող մեզ պատժապարտ համարեն. մենք գիտենք թէ մահուան դատապարտութենէն ազատած ենք։ Թող մեր կեանքը տխուր կարծեն. մենք միշտ ուրախ ենք։ Աղքատ թող սեպեն. մենք շատերու կեանքերը կը ճոխացնենք։ Այո՛, կը թուի թէ ոչինչ ունինք, մինչդեռ ամէն ինչ ունինք։ Ահա, սիրելի՛ Կորնթացիներ, ամէն ինչ բաց եւ անկեղծ սրտով ըսի ձեզի։ Դուք ինչո՞ւ կը դժուարանաք արտայայտուելու։ Ո՛չ իմ պատճառովս հարկաւ, այլ պարզապէս՝ ձեր սէրը արտայայտելու կը քաշուիք։ Բայց կ՚ուզեմ որ ինծի պէս բանաք ձեր սիրտերը եւ ազատօրէն խօսիք դուք ալ. չէ՞ որ իմ զաւակներս էք դուք։ Բնաւ անհաւատներուն լծակից մի՛ ըլլաք։ Ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ արդարը անօրէնին հետ, կամ ի՞նչ նոյնութեան եզր կրնայ ըլլալլոյսին ու խաւարին միջեւ։ Ի՞նչ համաձայնութիւն կրնայ ըլլալ Քրիստոսի եւ Սատանային միջեւ, կամ ի՞նչ գործ ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ։ Ի՞նչ նմանութիւն կայ Աստուծոյ տաճարին եւ մեհեաններուն միջեւ։ Արդարեւ, մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած ինք ըսաւ.– «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ։ Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ եւ անոնք՝ իմ ժողովուրդս»։ Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուած կը հրահանգէ մեզի.– «Անջատ եւ հեռո՛ւ կեցէք հեթանոսներէն. պիղծ բաներու մի՛ դպչիք, եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ։ Ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ եւ դուք իմ տղաքս ու աղջիկներս պիտի ըլլաք,– կ՚ըսէ ամենակալ Տէրը»։ Սիրելինե՛ր, այս խոստումները մեզի եղած են։ Ուստի հեռո՛ւ մնանք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ, մենք մեզ կատարելապէս մաքրենք՝ Աստուծոյ երկիւղովը ապրելով։ Հասկցէ՛ք մեզ։ Ոեւէ մէկուն վնաս չհասցուցինք, ոեւէ մէկուն արժանապատուութեան չդպանք, ոեւէ մէկը չզրկեցինք։ Ասիկա ձեզ դատապարտելու համար չեմ ըսեր, որովհետեւ դեռ քիչ առաջ ըսի՝ թէ դուք մեր սրտին մէջ էք եւ ոչինչ կրնայ մեզ ձեզմէ բաժնել, ո՛չ այս կեանքին մէջ, ո՛չ ալ մահուան մէջ։ Մեծ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ. մեծապէս հպարտ եմ ձեզմով։ Մեր կրած բոլոր նեղութեանց մէջ ինքզինքս մեծապէս մխիթարուած եւ անսահմանօրէն ուրախ կը զգամ։ Որովհետեւ Մակեդոնիա մեր հասնելէն ի վեր երբեք հանգիստ չունեցանք, այլ՝ ամէն կողմէ նեղութիւն։ Մէկ կողմէ արտաքին թշնամիները կը նեղէին մեզ, իսկ ներքնապէս՝ մեր վախը։ Բայց Աստուած, որ կը մխիթարէ սրտաբեկները, Տիտոսի գալովը մեզ մխիթարեց։ Ուրախացուցիչը միայն Տիտոսի գալը չէր։ Ուրախացանք մանաւանդ, երբ լսեցինք թէ ի՛նչպէս գոհ մնացած էր ձեզմէ։ Մեզի պատմեց՝ թէ անձկութեամբ կը սպասէք ինծի, թէ ո՛րքան ցաւած էք պատահածին համար եւ թէ ի՛նչպէս կապուած էք ինծի։ Չէք կրնար երեւակայել որքա՜ն ուրախ եմ։ Ճիշդ է որ նամակովս քիչ մը վշտացուցի ձեզ, բայց հիմա չեմ զղջար ըրածիս, թէպէտ գրելէս ետք զղջացեր էի. քանի կը տեսնեմ թէ այդ նամակս միայն կարճ ժամանակ մը վշտացուցեր է ձեզ։ Ուրախ եմ հիմա, ո՛չ թէ ձեզ տրտմեցուցած ըլլալուս համար, այլ՝ որովհետեւ այդ տրտմութիւնը պատճառ եղաւ որ ձեր վարմունքը փոխէք։ Եւ որովհետեւ ձեր տրտմութիւնը Աստուծոյ գործին ծառայեց, ես պէտք չունիմ այլեւս խստութեամբ գալու ձեզի։ Աստուած երբեմն մեզ կը ցաւցընէ՝ ապաշխարութեան միջոցաւ փրկութեան առաջնորդելու նպատակով, որուն համար չենք զղջար բնաւ։ Մինչդեռ աշխարհի ցաւը մահուան կ՚առաջնորդէ։ Արդ, տեսէք թէ Աստուծոյ պատճառած ցաւը ի՛նչպէս անտարբերութենէն դուրս բերաւ ձեզ եւ մղեց՝ որ դուք ձեզ արդարացնէք։ Զայրացաք, տագնապեցաք, անձկութեամբ լեցուեցաք։ Բայց յետոյ նախանձախնդրութեամբ վառեցաք եւ սխալը մէջտեղէն վերցուցիք, եւ ամէն կերպով ցոյց տուիք, թէ դուք յանցանք չունիք այդ խնդրին մէջ։ Հիմա ըսեմ, թէ նախորդ նամակը գրելուս պատճառը միայն այդ յանցաւոր մարդը չէր, ո՛չ ալ անոր հայրը՝ որուն դէմ գործուեցաւ յանցանքը. այլ՝ որպէսզի յայտնուի այն հոգածութիւնը, որ փոխադարձաբար իրարու հանդէպ ունինք Աստուծոյ առջեւ։ Ուստի մենք մեզ մխիթարուած կը զգանք։ Մեր զգացած մխիթարութեան վրայ Տիտոս աւելի՛ եւս ուրախացուց մեզ, ուրախութեամբ պատմելով՝ թէ ի՛նչպէս բոլորդ ալ գոհ ձգած էք զինք։ Ձեզի համար պարծանքս յայտնած էի իրեն, եւ ամօթով չմնացի. եւ ինչպէս ձեզի խօսածներս բոլորը ճշմարիտ էին, նոյնպէս ալ Տիտոսի յայտնած պարծանքս ճշմարտուեցաւ։ Գիտէ՞ք թէ որքան մեծ սիրով Տիտոս կը խօսէր ձեր մասին. կը յիշէր՝ թէ ինչպիսի՜ երկիւղած յարգանքով ընդուներ էք զինք։ Արդ, ուրախ եմ որ կատարեալ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ։ Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզեմ որ գիտնաք՝ թէ Աստուծոյ շնորհքը ի՛նչպէս ինքզինք կը յայտնէ Մակեդոնիայի եկեղեցիներուն մէջ։ Հակառակ իրենց կրած նեղութեան եւ ծանր փորձութեան, մեծ եղաւ իրենց ուրախութիւնը, եւ հակառակ իրենց ծայր աստիճան աղքատութեան՝ չափազանց առատաձեռն եղան։ Ես կը վկայեմ, թէ կամաւոր կերպով տուին՝ իրենց կրցածին չափ եւ նոյնիսկ իրենց կարելիութենէն աւելի։ Թախանձագին կ՚աղաչէին, որ շնորհք ընենք եւ ընդունինք Երուսաղէմի եղբայրներուն ղրկուելիք օգնութեան իրենց բաժինը։ Մեր ակնկալածէն շատ աւելին ըրին. նախ՝ իրենք զիրենք յանձնեցին Տիրոջ, եւ ապա՝ Աստուծոյ կամքով՝ նաեւ մեզի։ Ահա թէ ինչո՛ւ աղաչեցինք, որ Տիտոս ձեր մէջ եւս շարունակէ եւ ամբողջացնէ սկսուած այս աստուածահաճոյ գործը։ Դուք ամէն բանով գերազանց էք ուրիշներէն.– հաւատքով, Աստուծոյ խօսքին քարոզութեամբ, գիտութեամբ, փութաջանութեամբ եւ մեզի հանդէպ ձեր ցուցաբերած սիրով։ Կ՚ուզենք որ այս աստուածահաճոյ գործին մէջ եւս գերազանցըլլաք։ Ասիկա իբրեւ հրահանգ չէ որ կու տամ, այլ՝ ուրիշներուն ցուցաբերած փութաջանութիւնը կը յիշեցնեմ՝ ձեր սիրոյն հարազատութիւնը փորձելու համար։ Արդարեւ, դուք գիտէք թէ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս ի՜նչ շնորհք ըրաւ մեզի. ինք որ հարուստն էր՝ աղքատացաւ ձեզի համար, որպէսզի իր աղքատանալովը դուք հարստանաք։ Այս ուղղութեամբ իմ թելադրութիւնս հետեւեալն է, ձեր բարիքին համար.– Դուք՝ որ ո՛չ միայն առաջին ձեռնարկողը, այլ նաեւ առաջին կամեցողը եղաք, դեռ անցեալ տարուընէ, հիմա լաւ կ՚ըլլայ որ ձեր սկսածը ամբողջացնէք։ Եւ այն յօժար կամքով որ նախաձեռնեցիք՝ այնպէս ալ ամբողջացուցէք, ձեր ունեցածին չափովը տալով։ Կը բաւէ որ նուիրելու յօժարութիւնը ունենաք, եւ Աստուած կ՚ընդունի ձեր նուէրը, եթէ ձեր ունեցածին համապատասխան է. որովհետեւ ձեր չունեցածը չ՚ըսպասեր ձեզմէ։ Բնաւ չեմ ուզեր ձեզ նեղութեան մատնել՝ ուրիշներու բեռը թեթեւցնելու համար. այլ կ՚ուզեմ որ հաւասարութիւն ըլլայ։ Կ՚ուզեմ որ ներկայիս ձեր վայելած առատութիւնը ծառայէ անոնց կարիքներուն, որպէսզի նաեւ անոնց առատութիւնը ձեր կարիքներուն ծառայէ, եւ այդ ձեւով հաւասարութիւն ըլլայ. ճիշդ ինչպէս Սուրբ գիրքին մէջ կ՚ըսուի. «Շատ հաւաքողին քով չաւելցաւ, եւ քիչ հաւաքողին քով չպակսեցաւ»։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, որ ձեր մասին մեր ունեցած նախանձախնդրութիւնը դրաւ նաեւ Տիտոսի սրտին մէջ։ Տիտոս ո՛չ միայն մեր խնդրանքը չմերժեց, այլ՝ մեծ պատրաստակամութեամբ փութաց ձեր քով։ Անոր հետ ղրկեցինք նաեւ այն եղբայրը, որուն Աւետարանի քարոզութեան գործին մէջ ունեցած համբաւը ծանօթ է բոլոր եկեղեցիներուն ։ Անշուշտ գիտէք նաեւ, թէ անիկա եկեղեցիներուն կողմէ ընտրուեցաւ՝ մեզի ճամբորդակից ըլլալու համար աստուածահաճոյ այս գործին մէջ, որ կը կատարենք Տիրոջ փառքին համար, եւ ուրիշներուն օգնելու մեր պատրաստակամութեան իբրեւ արտայայտութիւն։ Շարունակ կը զգուշանանք, որ չըլլայ թէ մէկը բիծ մը բերէ մեր վրայ՝ այս մեծ գումարին մատակարարման վերաբերմամբ, որ մեզի յանձնուեցաւ։ Որովհետեւ մեր մտահոգութիւնն է ուղղամիտ ըլլալ՝ ո՛չ միայն Տիրոջ առջեւ, այլ նաեւ՝ մարդոց։ Անոնց հետ ղրկեցինք նաեւ մեր ուրիշ մէկ եղբայրը։ Մենք բազմաթիւ անգամներ փորձած ենք զայն եւ միշտ ալ օգնելու պատրաստակամ գտած. իսկ հիմա որ մեծ համարում ունի ձեր վրայ՝ շատ աւելի պատրաստ է օգնելու։ Արդ, եթէ Տիտոսի համար հարցնէք՝ մտերիմս է եւ գործակիցս, ձեզի օգնելու համար։ Գալով միւս եղբայրներուն, անոնք եկեղեցիներուն կողմէ ղրկուած ներկայացուցիչներ են, Քրիստոսի փառքին համար աշխատող։ Ուստի ձեր սիրոյն ապացոյցը տուէք եւ ձեր մասին մեր արտայայտած պարծանքին իրաւ ըլլալը ցոյց տուէք անոնց, բոլոր եկեղեցիներուն դիմաց։ Իսկապէս որ աւելորդ կը նկատեմ ձեզի գրել Երուսաղէմի քրիստոնեայ եղբայրներուն ղրկուելիք օգնութեան մասին, որովհետեւ գիտեմ ձեր յօժարութիւնը, եւ ձեր մասին միշտ պարծանքով խօսած եմ Մակեդոնացիներուն, ըսելով. «Աքայիացիները դեռ անցեալ տարուընէ պատրաստուեր են իրենց օգնութիւնը ընելու»։ Ձեր նախանձախնդրութիւնը շատ շատերուն համար գրգիռ եղաւ։ Եւ ահա, վերոյիշեալ եղբայրները ղրկեցի, որպէսզի այս գործին մէջ ձեզի համար մեր ունեցած պարծանքը պարապի չելլէ. այլ՝ ինչպէս իրենց կ՚ըսէի՝ կ՚ուզեմ որ իրապէս պատրաստ ըլլաք։ Պիտի չուզէի որ Մակեդոնացիները ինծի հետ գային եւ ձեզ անպատրաստ գտնէին, որովհետեւ այդ պարագային ամօթով պիտի մնայինք մեր վստահութեան համար։ Անշուշտ դուք ալ ամօթով պիտի մնայիք։ Ատոր համար ալ անհրաժեշտ նկատեցի եղբայրներէն խնդրել, որ ինձմէ առաջ գան ձեր մօտ եւ ձեզ նախապատրաստեն՝ սկիզբէն իսկ ձեր խոստացած առատ նուէրները պատրաստ ընելու, այնպէս՝ որ ձեր նուէրները իսկապէս առատաձեռնութեան արտայայտութիւն ըլլան եւ ո՛չ թէ՝ ժլատութեան։ Յիշեցէք, թէ ով որ քիչ կը սերմանէ՝ քիչ ալ պիտի հնձէ. եւ ով որ առատօրէն կը սերմանէ՝ առատօրէն ալ կը հնձէ։ Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սրտի յօժարութեան եւ ո՛չ թէ չկամութեամբ կամ պարտաւորուած զգալով. որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ։ Եւ Աստուած կրնայ ամէն պարգեւ տալ ձեզի առատօրէն, որպէսզի միշտ ալ ունենաք այնքան՝ որքան պիտի բաւէր ձեր բոլոր կարիքներուն եւ աւելնար՝ ամէն տեսակի բարի գործերու յատկացուելու։ Ինչպէս Սաղմոսին մէջ գրուած է.– «Առատօրէն բաշխեց եւ կարօտեալներուն տուաւ. անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։ Եւ Աստուած, որ սերմնացանին սերմ եւ ուտելիք հաց կը պարգեւէ, ձեզի եւս պիտի սերմ պարգեւէ եւ զայն աճեցնէ, եւ բազմացնէ նաեւ ձեր արդարութեան արդիւնքները։ Ամէն ձեւով պիտի հարստացնէ ձեզ, որպէսզի միշտ առատաձեռն ըլլաք, եւ մեր միջոցաւ փոխանցուած ձեր նուէրները զԱստուած գոհաբանելու պատճառ ըլլան։ Եւ արդէն այս հանգանակութեան կազմակերպումը միայն Երուսաղէմի քրիստոնեաներուն կարիքները բաւարարելու համար չէ, այլ կը ձգտի նաեւ՝ աւելցնել Աստուծոյ գոհութիւն մատուցանողներու թիւը։ Այո՛, ձեր այս օժանդակութեամբ ապացոյցը տուած պիտի ըլլաք ձեր քրիստոնէական հաւատքին, եւ Երուսաղէմի ձեր եղբայրները զԱստուած պիտի փառաւորեն՝ տեսնելով թէ ի՛նչպէս Քրիստոսի Աւետարանին կը հնազանդիք եւ ի՛նչպէս առատօրէն ձեր ունեցածը կը բաժնէք իրենց եւ բոլորին հետ, եւ երախտագիտութեամբ պիտի աղօթեն ձեզի համար, այն բացառիկ շնորհքին համար, որ Աստուած ձեզի տուած է։ Գոհութիւն Աստուծոյ՝ իր անպատմելի պարգեւին համար։ Ես, Պօղոս, Քրիստոսիհեզութեամբեւքաղցրութեամբ կը խնդրեմ ձեզմէ.– Կան մարդիկ, որոնք կ՚ըսեն՝ թէ երբ ձեր դիմաց եւ ձեր մէջ կը գտնուիմ՝ կը խեղճանամ, մինչդեռ երբ հեռու եմ՝ խիստ եմ ձեզի հանդէպ։ Կ՚աղաչեմ, մի՛ ստիպէք որ երբ գամ՝ խստութեամբ վարուիմ։ Եւ վստահաբար կարծր պիտի վարուիմ անոնց հետ՝ որոնք կը կարծեն թէ աշխարհային նկատումներով կ՚առաջնորդուինք։ Ճիշդ է որ աշխարհի մէջ կ՚ապրինք, բայց աշխարհային նկատումներէ առաջնորդուած չէ որ կը պատերազմինք։ Պատերազմի մեր զէնքերը աշխարհային չեն, այլ՝ Աստուծոյ զօրաւոր զէնքերն են՝ ամրոցները խորտակելու համար։ Եւ մենք կը խորտակենք Աստուծոյ գիտութեան դէմ բարձրացած առարկութեանց բոլոր հպարտ պատնէշները եւ բոլոր միտքերը գերելով՝ Քրիստոսի հնազանդութեան կը բերենք։ Նաեւ պատրաստ ենք ոեւէ անհնազանդութիւն պատժելու, երբ ձեր հնազանդութիւնը ամբողջական ըլլայ։ Դուք իւրաքանչիւրը իր երեւոյթով կը դիտէք։ Ով որ ներքնապէս համոզուած է թէ ինք Քրիստոսի կը պատկանի, թող դարձեալ հետեւեալը խորհի, թէ ինչպէս որ ինք Քրիստոսի կը պատկանի՝ այնպէս նաեւ մենք Քրիստոսի կը պատկանինք։ Նոյնիսկ եթէ ուրիշներէն քիչ մը աւելի պարծենամ մեզի տրուած իշխանութեան համար, ամըչնալիք բան մը չունիմ։ Այդ իշխանութիւնը Տէրը ինք տուաւ՝ ձեր հաւատքը ամրապնդելու համար, եւ ո՛չ թէ խորտակելու։ Ասիկա կ՚ըսեմ, որովհետեւ չեմ ուզեր որ ունենաք այն տպաւորութիւնը՝ թէ նամակներովս ձեզ կը սարսափեցնեմ, ինչպէս ոմանք ըսեր են, թէ՝ «Նամակներուն մէջ շատ խիստ է եւ ազդեցիկ, մինչդեռ եթէ իրեն նայիս՝ խեղճուկ է, եւ խօսքերն ալ տպաւորիչ չեն»։ Այդպէս ըսողը թող լաւ գիտնայ, թէ ինչ որ կ՚ըսենք հեռուէն՝ մեր նամակներով, նոյնը նաեւ գործի պիտի վերածենք՝ երբ ձեզի գանք։ Անշուշտ չենք համարձակիր մենք մեզ բաղդատել կամ դասել անոնց հետ՝ որոնք ձեր դիմաց իրենք զիրենք կը գովեն։ Ա՜յնքան անմիտ են, որ իրենք իրենցմով կը չափեն եւ իրենք իրենց հետ կը բաղդատեն իրենց անձերը։ Գալով մեզի, մեր պարծանքը որոշ սահմանէ մը անդին չ՚անցնիր, այլ կը սահմանափակուի այն գործունէութեամբ՝ որ Աստուած որոշած է մեզի համար, եւ այդ սահմանին մէջ կը մտնէ նաեւ ձեր մօտ մեր քարոզութիւնը։ Արդ, քանի որ դուք Աստուծմէ մեզի որոշուած սահմանին մէջ կը գտնուիք, մենք մեր սահմանէն անդին չենք ուզեր երթալ, որովհետեւ արդէն ձեր մօտ հասանք Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելով։ Այնպէս որ՝ մենք որոշ սահմանէ մը անդին չենք պարծենար, մանաւանդ ուրիշներու աշխատանքով. բայց կը յուսանք որ ձեր հաւատքը աճի եւ ձեր մօտ մեր աշխատանքը աւելի մեծնայ ու տարածում գտնէ, միշտ Աստուծոյ որոշած սահմանին մէջ։ Այսպիսով կրնանք Աւետարանը քարոզել նաեւ ձեզմէ անդին գտնուող վայրերու մէջ, առանց ուրիշներու սահմաններուն մէջ կատարուած քարոզութեամբ պարծենալու։ Որովհետեւ մարգարէն կ՚ըսէ. «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ»։ Իսկապէս ընտրուածը ան չէ՛ որ ինքզինք կը գովէ, այլ ան՝ որ Տիրոջ կողմէ կը գովուի։ Սակայնկըյուսամքիչմը ներողամիտ կ՚ըլլաք՝ եթէ անմտօրէն ես ալ պարծենամ, ըրածներս յիշեցնելով ձեզի։ Իսկ դուք համբերութեամբ լսեցէք։ Ես ձեզի հանդէպ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ լեցուած՝ կ՚ուզեմ որ միայն Քրիստոսը սիրէք, ինչպէս մաքուր կոյս մը որ իր սէրը կը վերապահէ անոր՝ որ իր ամուսինը պիտի ըլլայ։ Բայց կը վախնամ որ ձեր միտքը ապականի եւ հեռանաք Քրիստոսի հանդէպ ամբողջական եւ մաքուր նուիրումէն, ճիշդ ինչպէս Եւան խաբուեցաւ օձին խորամանկ սուտերէն։ Կը վախնամ որ նոյնքան դիւրութեամբ ընդունիք ո՛եւէ մէկը՝ որ մեր քարոզածէն տարբեր փրկիչ մը, ձեր ստացած Հոգիէն տարբեր հոգի մը, կամ ձեր ընդունած Աւետարանէն տարբեր աւետարան մը կը քարոզէ ձեզի։ Չեմ գիտեր թէ ես ձեր այդ նշանաւոր “ առաքեալ ” ներէն բանով մը ետ կը մնա՞մ։ Թէպէտ ճարտար խօսող մը չեմ, բայց խօսածս գիտեմ։ Եւ կարծեմ ատիկա ապացուցանեցի ձեզի ամէն ինչով։ Արդեօք մե՞ղք գործեցի, որ Աստուծոյ Աւետարանը ձրիօրէն քարոզեցի ձեզի եւ ինքզինքս խոնարհեցուցի՝ ձեզ բարձրացնելու համար։ Ձեւով մը միւս եկեղեցիները կողոպտած եղայ, ապրուստս անոնցմէ առնելով, որպէսզի ձեզի ծառայեմ ձրի— օրէն։ Ձեր քով եղած ատենս նոյնիսկ երբ կարիքի մէջ եղայ՝ ձեզմէ ոեւէ մէկուն բեռ չեղայ. Մակեդոնիայէն եկած եղբայրները հոգացին պէտքերս։ Եւ ինչպէս անցեալին զգուշացայ, ասկէ ետք եւս ամէն կերպով պիտի զգուշանամ ձեզի բեռ ըլլալէ։ Բայց Քրիստոսի ճշմարտութեամբը, որ իմ ներսիդիս է, կ՚ըսեմ՝ թէ այս բաներով պիտի պարծենամ ամբողջ Աքայիայի մէջ, բոլորին պատմելով։ Ինչո՞ւ կ՚ըսեմ ասիկա։ Ձեզ չսիրելո՞ւս համար։ Ընդհակառակը, Աստուած գիտէ թէ ո՛րքան ձեզ կը սիրեմ։ Սակայն կը մերժեմ ձեզմէ նիւթական օգնութիւն ստանալ, եւ պիտի շարունակեմ մերժել, որպէսզի արմատէն կտրած ըլլամ առարկութիւնները անոնց՝ որոնք կը պարծենան թէ իրենք ալ մեզի պէս կ՚աշխատին։ Սուտ առաքեալներ են անոնք, խաբեբայ մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն իբրեւ Քրիստոսի առաքեալ ներկայանալ մարդոց։ Եւ զարմանալի ալ չէ, որովհետեւ Սատանան ինքն ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանքով կը ներկայանայ։ Հետեւաբար երբեք տարօրինակ չէ, որ անոր ծառայողները իրենք ալ արդարութեան ծառաներու կերպարանքով կը ներկայանան։ Իրենց գործերուն համաձայն պիտի ըլլայ նաեւ անոնց պատիժը։ Դարձեալ կ՚ըսեմ, թող ո՛չ ոք զիս անմիտ համարէ, եթէ պարծենամ. բայց նոյնիսկ անմիտ նկատէք՝ ես պիտի պարծենամ քիչ մը։ Ինչ որ հիմա՝ պարծեցած ատենս կ՚ըսեմ՝ հաճելի չէ Տիրոջ. բայց պիտի ըսեմ, այնպէս ինչպէս անմիտ մը պիտի խօսէր։ Քանի ուրիշներ մարդկային նկատումներէ առաջնորդուած կը պարծենան, ես ալ պիտի պարծենամ, որովհետեւ կը տեսնեմ թէ հաճոյքով եւ համբերութեամբ կը լսէք անմիտները, դուք՝ իմաստուններդ։ Մտիկ կ՚ընէք անոնց՝ որոնք կը խաբեն ձեզ եւ ստրուկի տեղ կը դնեն, կը շահագործեն ու կը կողոպտեն ձեզ, կ՚արհամարհեն ու կ՚ապտակեն ձեզ։ Ամօթով կ՚ընդունիմ, թէ ես շատ խե՜ղճ եմ եղեր։ Բայց ահա անմտօրէն կ՚ըսեմ.– Եթէ ուրիշներ կը համարձակին պարծենալ՝ ես ալ կը համարձակիմ։ Եբրայեցի՞ են. ես ալ Եբրայեցի եմ։ Իսրայէլացի՞ են. ես ալ։ Աբրահամի սերո՞ւնդ են. ես ալ եմ։ Քրիստոսի ծառանե՞րն են. աւելի մեծ յիմարութեամբ կրնամ ըսել՝ թէ ես շա՛տ աւելի Քրիստոսի ծառան եմ։ Իրենցմէ աւելի աշխատած եմ, իրենցմէ աւելի բանտարկուած, շատ աւելի ծեծ կերած եւ բազմաթիւ անգամներ մինչեւ մահուան դուռը հասած։ Հինգ անգամ ժողովարաններու մէջ քառասունէն մէկ պակաս հարուած կերած եմ Հրեաներէն. երեք անգամ խարազանուած եմ Հռոմայեցիներէն. մէկ անգամ քարկոծուած, երեք անգամ նաւաբեկութեան հանդիպած եւ լման գիշեր մը եւ ցերեկ մը ծովուն բացերը մնացած։ Ճամբորդութիւններուս ընթացքին ի՜նչ վտանգներէ անցայ.– յորդած գետեր, աւազակներ. վտանգ՝ թէ՛ ազգակիցներէս եւ թէ՛ հեթանոսներէն, քաղաքներու մէջ, անբնակ վայրերու մէջ թէ ծովերու վրայ, եւ վտանգ՝ սուտ քրիստոնեաներու կողմէ։ Միշտ ջանքի եւ ծանր աշխատանքի մէջ եղայ, յաճախ անքուն գիշերներ անցընելով, քաղց ու ծարաւ կրելով, յաճախ առանց պատառ մը հացի, ցրտահար ու մերկ։ Եւ դեռ, թողլով միւս բոլոր նեղութիւնները, իմ վրաս կը ծանրանար նաեւ բոլոր եկեղեցիներուն ամենօրեայ հոգը։ Մէկը ցա՞ւ մը ունի, ես ալ հետը կը տառապիմ. մէկը հաւատքին մէջ տկարացա՞ւ, ես ալ հետը կը տագնապիմ։ Եթէ պարծենալ պէտք է՝ իմ տկարութիւններովս պիտի պարծենամ։ Աստուած, մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Հայրը, որ յաւէտ օրհնեալ է, գիտէ՝ թէ չեմ ստեր։ Դամասկոսի մէջ, Արետաս թագաւորի նշանակած կառավարիչը զիս ձերբակալելու համար ամբողջ Դամասկոս քաղաքը հսկողութեան տակ առած էր, բայց պարիսպին պատուհանէն զիս զամբիւղով իջեցուցին, եւ փախայ անոր ձեռքէն։ Թէպէտ անօգուտ է պարծենալը, բայց պիտի պար–ծենամ, ձեզի պատմելով այն տեսիլքներուն եւ յայտնութիւններուն մասին, որ Տէրը ինծի տուաւ։ Պիտի պարծենամ իբրեւ քրիստոնեայ մը, որ տասնըչորս տարիներ առաջ մինչեւ երկինքի բարձունքը յափշտակուեցաւ, չեմ գիտեր՝ մարմինո՞վ թէ հոգիով. Աստուած գիտէ։ Այդ փորձառութեամբ է որ պիտի պարծենամ եւ ո՛չ թէ ես ինձմով։ Գալով անձիս, միայն տկարութիւններովս պիտի պարծենամ։ Եթէ տակաւին ուզէի՝ կրնայի պարծենալ եւ անմիտ ալ եղած պիտի չըլլայի, որովհետեւ ճշմարտութիւնը ըսած պիտի ըլլայի։ Բայց կը հրաժարիմ ըսելէ, որպէսզի չըլլայ որ ոեւէ մէկը իմ վրաս աւելի բարձր համարում ունենայ՝ քան կրնայ ունենալ գործերս տեսնելով կամ խօսքերս լսելով։ Միւս կողմէ, որպէսզի չըլլայ որ ունեցած բացառիկ յայտնութիւններովս հպարտանամ, Աստուած փուշի պէս ծակող ցաւ մը տուաւ մարմինիս, կարծես Սատանային ներկայացուցիչը ըլլար մարմինիս մէջ, որպէսզի անով զիս զգաստացնէ եւ չհպարտանամ։ Այդ ցաւին համար երեք անգամներ աղաչեցի Տիրոջ, որ հեռացնէ ինձմէ։ Բայց ինծի ըսաւ. «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի. որովհետեւ իմ զօրութիւնս ամբողջապէս կը յայտնուի՝ մարդուս տկարութեանը մէջ»։ Ահա թէ ինչու՝ մեծ հաճոյքով կը պարծենամ տկարութիւններովս, որպէսզի Քրիստոսի զօրութիւնը իմ մէջս հաստատուի։ Ատոր համար ալ, ես գոհ եմ տկարութիւններուս եւ Քրիստոսի համար կրած նախատինքներուս, նեղութիւններուս, հալածանքներուս եւ դժուարութիւններուս համար. որովհետեւ երբ տկար եմ՝ այն ատեն է որ զօրաւոր եմ։ Իրաւ որ անմիտ եղայ պարծենալով. բայց դո՛ւք ստիպեցիք զիս։ Դուք էր որ պէտք էր վկայէիք՝ թէ ես ոեւէ բանով ետ չեմ մնար ձեր այդ նշանաւոր “ առաքեալ ” ներէն, թէպէտեւ ոչինչ եմ։ Իմ առաքեալ ըլլալուս նշանները Աստուած ցոյց տուաւ այն գործերով՝ նշաններով, սքանչելիքներով ու զօրաւոր հրաշքներով, որ ես մեծ համբերութեամբ կատարեցի ձեր մէջ։ Ոեւէ բանով պակաս չմնացիք միւս եկեղեցիներէն ։ Սա միակ տարբերութեամբ, որ ձեզի նիւթական բեռ չեղայ։ Ներեցէ՜ք ին ծի այդ “յանցանքս”։ Ահա կը պատրաստուիմ ձեզի գալու, արդէն երրորդ անգամն ըլլալով, եւ դարձեալ բեռ պիտի չըլլամ ձեզի։ Ձեր նիւթական օգնութիւնը չեմ ուզեր. ձե՛զ է որ կ՚ուզեմ։ Վերջին հաշուով, զաւակները պարտաւոր չեն իրենց ծնողները հոգալու, մինչդեռ ծնողները պարտաւոր են զաւակները հոգալու։ Ես մեծ հաճոյքով ունեցածս կու տամ եւ իմ անձս ալ կու տամ ձեզի համար, նոյնիսկ եթէ ձեզաւելի շատ սիրելովս՝ աւելի նուազ սիրուիմ ձեզմէ։ Լաւ գիտէք, որ բնաւ բեռ չեղայ ձեզի, թէպէտ ըստ ոմանց՝ խորամանկ եղայ եւ խաբեբայութեամբ կողոպտեցի ձեզ։ Արդեօ՞ք ձեզի ղրկած մարդոցմովս ձեզ շահագործեցի։ Աղաչեցի, որ Տիտոսը ինք գայ ձեզի, եւ հետն ալ մեր միւս եղբայրը ղրկեցի։ Կրնա՞ք ըսել թէ Տիտոս ձեզ շահագործեց։ Երկուքս ալ նոյն ոգիով կը շարժինք եւ նոյն ձեւով կը գործենք։ Թերեւս կը խորհիք որ մինչեւ հիմա մենք մե՞զ է որ կը փորձենք արդարացնել։ Ո՛չ, սիրելիներ. մենք իբրեւ Քրիստոսի հաւատացողներ՝ Աստուծոյ դիմաց է որ կը խօ— սինք, եւ ինչ որ կ՚ընենք՝ ձեր օգուտին համար է որ կ՚ընենք։ Բայց կը վախնամ որ երբ գամ՝ ձեզ չգտնեմ այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզեմ, եւ դուք ալ զիս գտնէք այնպէս՝ ինչպէս պիտի չուզէիք։ Այսինքն, կը վախնամ որ դարձեալ ձեր մէջ կռիւ, նախանձ, զայրոյթ, իրարու դէմ գրգռութիւն, չարախօսութիւն, բամբասանք, հպարտութիւն, ամբարտաւանութիւն եւ խռովութիւն ըլլայ։ Այո՛, կը վախնամ որ երբ վերստին ձեզի գամ՝ իմ Աստուածս զիս նուաստացնէ ձեր առջեւ եւ ես սուգ ընեմ այն բոլորին վրայ՝ որոնք մեղքի մէջ ինկած են եւ կը մերժեն հրաժարիլ իրենց գործած պղծութիւններէն՝ պոռնկութիւններէն եւ անբարոյութիւններէն։ Ահա երրորդ անգամն է որ ձեզի կու գամ։ Արդարեւ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ, «Ոեւէ ամբաստանութիւն երկու կամ երեք վկաներով պէտք է հաստատուի»։ Ինչ որ երկրորդ այցելութեանս առիթով անձամբ ըսի, հիմա եւս, հեռուէն, իբրեւ ազդարարութիւն կ՚ըսեմ անոնց՝ որոնք սկիզբէն մեղանչեցին, ինչպէս նաեւ միւս բոլորին, թէ՝ յաջորդ գալուս անոնցմէ ոեւէ մէկուն պիտի չխնայեմ։ Եթէ ձեր ուզածը ապացոյց է՝ թէ ինձմով Քրիստոս է որ կը խօսի, պիտի ունենաք։ Պիտի տեսնէք թէ Քրիստոս տկարութեամբ չէ՛ որ կը գործէ ձեր մէջ, այլ՝ զօրութեամբ։ Թէպէտ իբրեւ մարդ՝ տկարութեամբ խաչուեցաւ, բայց Աստուծոյ զօրութեամբը կենդանի է։ Մենք ալ, թէպէտեւ իր օրինակով կը տկարանանք, բայց իր օրինակով մենք ալ պիտի կենդանանանք Աստուծոյ զօրութեամբը՝ ձեզի ծառայելու համար։ Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, տեսնելու համար թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք։ Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ պարզապէս իր անունը կը կրէք։ Յուսամ գիտէք, թէ մենք այդ փորձը յաջողապէս կատարած ենք։ Եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, որ չարիք չգործէք։ Ասիկա ըսելով՝ չենք ուզեր մենք մեզ ընտիր ցոյց տալ. ընդհակառակը, կ՚ուզենք որ դուք բարին գործէք, նոյնիսկ մեզ ամօթով ձգելու չափ։ Որովհետեւ Աստուծոյ ճշմարտութեան դէմ ոչինչ կրնանք ընել, այլ միայն կրնանք անոր համար աշխատիլ։ Ուրախութեամբ յանձն կ՚առնենք տկարանալ, միայն թէ դուք զօրանաք։ Ուստի կ՚աղօթենք որ հետզհետէ կատարեալ ըլլաք։ Ասիկա հեռուէն կը գրեմ ձեզի, որպէսզի երբ գամ՝ պէտք չունենամ խստութեամբ վարուելու ձեզի հետ այն իշխանութեամբ՝ որ Տէրը ինծի տուաւ ուղղելու համար, եւ ո՛չ թէ պատժելու։ Կը փակեմ նամակս, եղբայրներ. ո՛ղջ եղէք։ Կատարեալ ըլլալու աշխատեցէք, քաջալերուեցէ՛ք։ Համերաշխ եւ խաղաղութեամբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան ու սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։ Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք իրար։ Այստեղի քրիստոնեաները կ՚ողջունեն ձեզ։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, Աստուծոյ սէրը եւ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան։ Ամէն։ Ես՝ Պօղոս, առաքեալ եղած՝ ո՛չ թէ մարդոց կողմէ, ո՛չ ալ ոեւէ մէկուն միջոցաւ, այլ Յիսուս Քրիստոսէ եւ Հօր Աստուծմէ՝ որ զայն մեռելներէն յարուցանեց, կը գրեմ ձեզի՝ Գաղատիայի եկեղեցիներուն, եւ ինծի կը միանան այն բոլոր եղբայրները, որոնք հետս են։ Թող ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն Հայրն Աստուած եւ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէսզի Աստուծոյ՝ մեր Հօրը կամքով մեզ ազատէ ներկայ չար աշխարհէն ։ Յաւիտեանս յաւիտենից փա՜ռք Աստուծոյ։ Ամէն ։ Շատ կը զարմանամ, որ այդպէս շուտով կը լքէք Աստուծոյ Աւետարանը, որ ձեզ Քրիստոսի շնորհքին հրաւիրեց, եւ այլափոխուած աւետարանի մը ականջ կու տաք։ Գիտցէք, որ չկա՛յ ուրիշ աւետարան։ Սակայն կան մարդիկ, որոնք ձեր միտքերը կը պղտորեն եւ կ՚ուզեն Քրիստոսի Աւետարանը չարափոխել։ Բայց ով որ մեր քարոզածէն տարբեր աւետարան մը քարոզէ ձեզի, ո՛վ ալ ըլլայ՝ նոյնիսկ մենք կամ երկինքէն հրեշտակ մը՝ անիծեալ ըլլայ։ Ահա ըսի եւ կը կրկնեմ. ով որ ձեզի աւանդուածէն տարբեր աւետարան մը քարոզէ՝ անիծեա՛լ ըլլայ։ Միթէ մարդի՞կ հաւանութիւն պիտի տան իմ քարոզած Աւետարանիս համար, թէ Աստուած։ Միթէ ես մարդիկը սիրաշահելու համա՞ր կ՚աշխատիմ։ Եթէ մարդիկը սիրաշահելու ետեւէ ըլլայի՝ Քրիստոսի ծառայ ըլլալէ կը դադրէի։ Կ՚ուզեմ որ լաւ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, թէ այն Աւետարանը որ ես ձեզի աւետարանեցի՝ մարդկային միտքի ծնունդ չէ, եւ ես ալ զայն ոեւէ մարդէ չառի կամ ոեւէ մէկէն չսորվեցայ։ Յիսուս Քրիստոս ի՛նք յայտնեց ինծի։ Անշուշտ լսած էք թէ ինչ կ՚ընէի, երբ տակաւին հրէութեան կապուած էի. ի՜նչ սաստկութեամբ կը հալածէի Աստուծոյ եկեղեցին, փորձելով զայն արմատախիլ ընել։ Ինծի տարեկից շատ մը ազգակիցներէ աւելի տեղեակ էի հրեայ կրօնական սովորութեանց, եւ շատ աւելի նախանձախնդիր էի մեր հայրենի աւանդութիւններուն: Բայց Աստուած, որ ծնելէս իսկ առաջ զիս ընտրած եւ իր շնորհքովը զիս այս պաշտօնին կոչած էր, երբ կամեցաւ իր Որդին յայտնել ինծի՝ որպէսզի բոլոր ազգերուն քարոզեմ, չաճապարեցի ոեւէ մէկուն խորհուրդը ուզելու, անմիջապէս Երուսաղէմ ալ չգացի, անոնց քով՝ որոնք ինձմէ առաջ առաքեալ ըլլալու կոչուած էին. այլ՝ Արաբիա գացի եւ նորէն Դամասկոս դարձայ։ Ապա երեք տարիներ ետք Երուսաղէմ գացի Պետրոսը տեսնելու համար, եւ տասնըհինգ օր իր քով մնացի։ Առաքեալներէն ուրիշ մէկը չտեսայ, բացի Տիրոջ եղբայրը եղող Յակոբոսէն։ Այս գրածներուս մէջ ոեւէ սուտ բան չկայ, վկայ է Աստուած։ Յետոյ անմիջապէս Սուրիայի եւ Կիլիկիայի կողմերը եկայ, այնպէս որ՝ Հրէաստանի քրիստոնեայ համայնքին համար անծանօթ մնացի։ Բայց որովհետեւ յաճախ ուրիշներէն լսած էին՝ թէ «Ան որ ժամանակին մեզ կը հալածէր՝ հիմա ի՛նք ալ կը քարոզէ այն հաւատքը որ ժամանակին արմատախիլ կ՚ընէր», ինձմով զԱստուած կը փառաւորէին։ Այնուհետեւ, տասնըչորս տարիետքկրկին Երուսաղէմ գացի Բառնաբասին հետ, Տիտոսն ալ միասին առնելով։ Գացի, որովհետեւ Աստուած յայտնեց որ երթամ։ Այնտեղ, Երուսաղէմի եկեղեցիին զեկոյց տուի հեթանոսներուն մէջ կատարած քարոզութեանս մասին։ Առանձնաբար զեկոյց տուի նաեւ եկեղեցւոյ ղեկավարներուն, որպէսզի զուր տեղը աշխատած չըլլամ եւ չաշխատիմ։ Անոնք բնաւ չստիպեցին որ թլփատուի ինծի ընկերացող Տիտոսը, որ հեթանոս Յոյն մըն էր։ Թլփատութիւն պահանջողները քանի մը կեղծ քրիստոնեաներ էին, որոնք հաւատացեալներու շարքերուն մէջ սպրդած էին՝ Յիսուս Քրիստոսով մեր ունեցած ազատութիւնը լրտեսելու եւ մեզ Մովսիսական օրէնքներու ծառայութեան մէջ պահելու համար։ Բայց վայրկեան մը իսկ տեղի չտուինք անոնց, որպէսզի վստահ ըլլաք՝ թէ ճշմարիտ էր ինչ որ ձեզի քարոզեցինք։ Գալով անոնց՝ որոնք եկեղեցւոյ ղեկավարները կը համարուէին, ինծի համար բնաւ կարեւորութիւն չունի թէ անցեալին ի՛նչ եղած են անոնք։ Աստուած մարդոց միջեւ խտրութիւն չի դներ։ Արդ, ղեկավար համարուած այդ առաքեալները ոեւէ նոր բան չըսին ինծի այս մասին։ Ընդհակառակը, երբ տեսան թէ Աստուած ինծի վստահած է հեթանոսներու քարոզութիւնը, ինչպէս Պետրոսի յանձնած էր Հրեաներու քարոզութիւնը – որովհետեւ Աստուած ինչպէս Պետրոսի առաքելութիւնը յաջողցուց Հրեաներուն մէջ, նոյնպէս ալ իմ առաքելութիւնս յաջողցուց հեթանոսներուն մէջ–, այն ատեն՝ Յակոբոս, Կեփաս եւ Յովհաննէս, որոնք եկեղեցւոյ սիւները կը համարուէին, ճանչցան Աստուծմէ ինծի տրուած շնորհքը, իմ եւ Բառնաբասի ձեռքը թօթուելով հաւանութիւն տուին որ մենք հեթանոսներուն մէջ աշխատինք, իսկ իրենք՝ Հրեաներուն։ Միայն խնդրեցին, որ Երուսաղէմի աղքատներուն օգնել չմոռնանք. բան մը, որուն համար ես սրտանց աշխատեցայ։ Եւ երբ Կեփաս Անտիոք եկաւ եւ մեղադրելի ընթացքի մէջ էր, իրեն դէմ կեցայ։ Որովհետեւ, մինչեւ Յակոբոսի քովէն քանի մը հոգիի գալը՝ հեթանոսութենէ դարձածներուն հետ սեղան կը նստէր, առանց խտրութիւն դնելու։ Բայց անոնց գալէն ետք զատուեցաւ եւ ինքզինք հեթանոսներէն հեռու կը պահէր, վախնալով թլփատութեան կողմնակիցներէն։ Միւս Հրեայ եղբայրները եւս Կեփասի կեղծաւոր ընթացքին հետեւեցան. նոյնիսկ Բառնաբաս տարուեցաւ եւ հետեւեցաւ անոնց կեղծաւոր ընթացքին։ Երբ տեսայ թէ Աւետարանի ճշմարտութեան ուղիղ ճամբուն մէջ չեն, բոլորին ներկայութեան ըսի Կեփասին. «Եթէ դուն Հրեայ ըլլալով հանդերձ ազատ կը զգաս հեթանոսներուն պէս ապրելու, փոխանակ Հրեայի մը պէս ապրելու, ի՞նչպէս կը ստիպես որ հեթանոսները Հրեայի պէս ապրին»։ Մենք՝ որ ծնունդով Հրեայ ենք եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ Օրէնքը չճանչցող « մեղաւոր հեթանոսներ », ինչպէս մենք զանոնք կը կոչենք, գիտենք՝ թէ ոեւէ մարդ չ՚արդարանար Օրէնքը գործադրելով, այլ միայն Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով։ Եւ մենք ալ Քրիստոս Յիսուսի հաւատացինք՝ որպէսզի Քրիստոսի մեր հաւատալովը արդարանանք եւ ո՛չ թէ Օրէնքը գործադրելով. որովհետեւ Օրէնքի գործադրութեամբ ոեւէ մէկը պիտի չարդարանայ։ Իսկ եթէ Քրիստոսով արդարանալ ուզելով՝ մենք ալ հեթանոսներուն պէս «մեղաւոր» եղած եղանք, ինչպէս ոմանք կ՚ըսեն, ուրեմն Քրիստոս մեզ մեղքի՞ առաջնորդած եղաւ։ Բնա՛ւ երբեք։ Ընդհակառակը, եթէ վերստին կեանքի կոչեմ Օրէնքին պահանջքները, որոնք արդէն մէկ կողմ դրի, Օրէնքին դիմաց ես ինքզինքս յանցաւոր կը դարձնեմ։ Բայց այլեւս ես մեռած եմ Օրէնքին համար, որ զիս սպաննեց, որպէսզի Աստուծոյ համար ապրիմ։ Այո՛, Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. ես չէ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ՚ապրի իմ մէջս։ Այս կեանքը, որ այժմ կ՚ապրիմ մարմնով, կ՚ապրիմ՝ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ իր կեանքը զոհեց ինծի համար։ Ուստի Աստուծոյ շնորհքը չեմ մերժեր. որովհետեւ եթէ կարելի ըլլար Օրէնքին միջոցաւ արդարանալ, Քրիստոս զուր տեղը մեռած եղաւ։ Ո՜վ պնմիտ Գպղպտպցիներ, ո՞վձեզհրապուրեց։ Մոռցա՞ք խաչի վրայ Յիսուս Քրիստոսի մահը, որ ես ձեր աչքերուն դիմաց պատկերեցի։ Սա՛ միայն կ՚ուզեմ գիտնալ, ըսէ՛ք, Օրէնքի գործադրութեա՞մբ Սուրբ Հոգին ստացաք, թէ Աւետարանի պատգամին հաւատալով։ Այդքան անմի՞տէք. Սուրբ Հոգիով նոր կեանք սկսելէ ետք այժմ Օրէնքին պահանջքներո՞ւն կը վերադառնաք։ Ձեր ունեցած ամբողջ փորձառութիւնը զո՞ւր անցաւ։ Չեմ խորհիր որ զուր անցաւ։ Աստուած ձեզի Սուրբ Հոգին շնորհեց եւ ձեր մէջ հրաշքներ գործեց՝ Օրէ՞նքը գործադրելնուդ համար, թէ Աւետարանի պատգամին հաւատալնուդ համար։ Յիշեցէ՛ք Աբրահամի օրինակը։ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Հաւատաց Աստուծոյ, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած զինք արդար համարեց»։ Գիտցէք, հետեւաբար, թէ հաւատքին ապաւինողներն են Աբրահամի իսկական զաւակները։ Սուրբ գիրքին մէջ նախատեսուած էր, որ Աստուած հաւատքով պիտի արդարացնէր բոլոր ազգերը. ուստի կանուխէն խոստում տրուած էր Աբրահամի, թէ՝ «Քեզմով պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը»։ Այնպէս որ, հաւատքին ապաւինողները կ՚օրհնուին Աբրահամի հետ, որ ի՛նք եւս հաւատքին ապաւինեցաւ։ Անոնք որ Օրէնքի գործադրութեան կ՚ապաւինին՝ անէծքի ենթակայ են. որովհետեւ նոյն Օրէնքի գիրքը կ՚ըսէ՝ «Անիծեալ ըլլայ՝ ով որ այս Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած բոլոր պատուիրաններուն չի հնազանդիր ու զանոնք չի կատարեր»։ Արդ, թէ ոեւէ մէկը Օրէնքի գործադրութեամբ չի կրնար արդարանալ Աստուծոյ առջեւ՝ շատ յստակ է, որովհետեւ մարգարէն կ՚ըսէ. «Արդարը իր հաւատքով պիտի փրկուի»։ Մինչդեռ Օրէնքը կախում չունի հաւատքէն, այլ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ՝ «Ով որ կանոնները կատարէ՝ անոնցմով պիտի փրկուի»։ Քրիստոս Օրէնքի այդ անէծքէն մեզ ազատեց, ինք մեր տեղը անէծքի առարկայ դառնալով. որովհետեւ Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Անիծեալ է ան՝ որ փայտէ կը կախուի»։ Քրիստոս խաչին վրայ կախուեցաւ՝ որպէսզի բոլոր ազգերը Աբրահամի խոստացուած օրհնութիւնը ունենան Քրիստոս Յիսուսով, եւ մենք անոր հաւատալով՝ խոստացուած Սուրբ Հոգին ստանանք։ Եղբայրնե՛ր, մարդկային սովորական հասկացողութիւն է՝ որ մարդու մը կատարած կտակը ուրիշ ոեւէ մէկը չի կրնար ջնջել, ո՛չ ալ փոփոխութեան ենթարկել։ Արդ, Աստուած խոստումներ տուաւ Աբրահամի եւ անոր զաւակին։ Սուրբ գիրքը չ՚ըսեր՝ «Եւ անոր զաւակներուն», որ բազմաթիւ անձերու ակնարկութիւն պիտի ըլլար, այլ եզակի ձեւով կ՚ըսէ՝ «Եւ քու զաւակիդ»։ Իսկ այդ զաւակը Քրիստոս է։ Վերադառնալով կտակին, հետեւեալը կ՚ուզեմ ըսել.– Կտակը որ Աստուած կատարեց՝ Քրիստոսը նկատի ունենալով՝ շատ աւելի կանուխ է քան Օրէնքը, որ չորս հարիւր երեսուն տարիներ ետք տրուեցաւ. եւ ուստի, Օրէնքը անվաւեր չի դարձներ կտակը եւ չի ջնջեր խոստումը։ Որովհետեւ, եթէ ժառանգուելիք օրհնութիւնը Օրէնքին կապուած ըլլար՝ ա՛լ կախում պիտի չունենար խոստումէն. մինչդեռ Աստուած խոստումով էր որ Աբրահամին շնորհեց ժառանգուելիք օրհնութիւնը։ Հապա ինչո՞ւ Օրէնքը տրուեցաւ։ Տրուեցաւ՝ որպէսզի մարդիկ իրենց յանցանքները ճանչնան, մինչեւ Աբրահամի զաւակին՝ այսինքն Քրիստոսի գալը, որուն ուղղուած էր խոստումը։ Եւ Օրէնքը տրուեցաւ հրեշտակներու ձեռքով եւ մարդու մը միջնորդութեամբ։ Մինչդեռ կտակի պարագային միջնորդի պէտք չկար, որովհետեւ կտակը մէկ հոգիի կողմէ կը կատարուի, եւ այդ մէկը Աստուած էր։ Արդեօք ատիկա կը նշանակէ՝ թէ Օրէնքը Աստուծոյ խոստումներուն հակառա՞կ է։ Բնա՛ւ երբեք։ Որովհետեւ, եթէ տրուած ըլլար Օրէնք մը որ ճշմարիտ կեանքը տալու կարող ըլլար՝ ապա հաստատապէս կարելի պիտի ըլլար Օրէնքի գործադրութեամբ արդարանալ։ Մինչդեռ Սուրբ գիրքը ցոյց կու տայ, որ ամբողջ աշխարհը ենթակայ է մեղքին, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնը ժառանգելու խոստումը հիմնուի Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին վրայ եւ տրուի անոնց՝ որոնք կը հաւատան։ Որքան ատեն որ հաւատքի ժամանակը եկած չէր՝ Օրէնքը մեզ բանտարկեալներու պէս իր հսկողութեան տակ կը պահէր, սպասելով գալիք հաւատքին՝ Քրիստոսի, որ պիտի յայտնուէր ։ Ուրեմն Օրէնքը մեր խնամակալ դաստիարակը եղաւ, մեզ Քրիստոսի առաջնորդելով, որպէսզի հաւատքով արդարանանք։ Բայց հիմա որ հաւատքը եկաւ, այլեւս դաստիարակի պէտք չունինք, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալով՝ բոլորդ ալ Աստուծոյ որդիներ եղաք։ Անգամ մը որ Քրիստոսի միանալով մկրտուեցաք, այլեւս Քրիստոս է որ կ՚ապրի ձեր մէջ։ Ալ ո՛չ Հրեայի եւ հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսի միանալով՝ բոլորդ ալ մէկ եղաք։ Արդ ուրեմն, եթէ Քրիստոսի կը պատկանիք՝ կը նշանակէ թէ դուք Աբրահամի զաւակներ էք եւ պիտի ժառանգէք ինչ որ Աստուած անոր խոստացաւ։ Բայց գիտցէ՛ք նաեւ, թէ ժառանգորդ մը թէպէտ ամբողջ ժառանգութեան իսկական տէրն է, բայց որքան ատեն որ անչափահաս է՝ տարբերութիւն չունի ծառայէ մը, քանի խնամակալներու եւ հոգաբարձուներու ենթակայ է, մինչեւ հասնի իր հօրը որոշած ժամանակակէտը։ Նոյնն է մեր ալ պարագան։ Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ոյժերուն կ՚ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք։ Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ։ Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք։ Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ՝ որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք։ Ճիշդ է որ նախապէս երբ զԱստուած չէիք ճանչնար՝ չաստուածներու կը ծառայէիք։ Բայց հիմա որ զԱստուած ճանչցանք եւ մանաւանդ Աստուած ալ ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս կրկին կը վերադառնաք բնութեան տկար ու խեղճ ոյժերու պաշտամունքին եւ վերստին կ՚ուզէք անոնց ծառայել. յատուկ կարեւորութիւն կու տաք որոշ օրերու եւ ամիսներու, որոշ ժամանակներու կամ տարիներու։ Կը վախնամ որ ձեզի համար տարած ամբողջ աշխատանքս զուր անցած ըլլայ։ Կը խնդրեմ, եղբայրնե՛ր, ինծի պէս եղէք, քանի ես ալ ժամանակ մը ձեզի պէս էի։ Ձեզի դէմ բնաւ գանգատ մը չունիմ։ Ընդհակառակը. հարկաւ գիտէք թէ սկիզբը, երբ Աւետարանը ձեզի քարոզելու եկայ, տկար էի մարմնով. եւ հակառակ անոր որ հիւանդ վիճակովս փորձանք եղայ ձեզի, չանարգեցիք զիս, ո՛չ ալ արհամարհեցիք. այլ զիս ընդունեցիք այնպէս՝ ինչպէս Աստուծոյ հրեշտակը կամ Քրիստոս Յիսուսը պիտի ընդունէիք. եւ ուրախութեամբ ըրիք ատիկա։ Հիմա ի՞նչ պատահեցաւ։ Կրնամ վկայել ձեզի համար, որ եթէ կարելի ըլլար՝ ձեր աչքերը կը հանէիք եւ կու տայիք ինծի։ Միթէ ճշմարիտը խօսած ըլլալուս համար թշնամի՞ եղայ ձեզի։ Մի՛ կարծէք թէ ձեզի հանդէպ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերող այդ մարդիկը ձեր բարիքը կը խորհին։ Ո՛չ։ Անոնք կ՚ուզեն ձեզ ինձմէ բաժնել, որպէսզի ամբողջութեամբ իրենց հետեւիք։ Բայց երանի տե՛ւաբար բարիին նախանձախնդիր ըլլայիք, եւ ո՛չ միայն երբ որ ես ձեր մէջ ներկայ եմ։ Իմ ձագուկներս էք դուք, բայց ահա դարձեալ մօր մը պէս երկունքի ցաւ կը քաշեմ ձեզի համար, մինչեւ որ Քրիստոսի հարազատ պատկերը դառնաք։ Կ՚ուզէի ձեր մօտ ըլլալ հիմա եւ տարբեր ձեւով խօսիլ, որովհետեւ շատ մտահոգ եմ ձեզմով։ Ըսէ՛ք տեսնեմ, դուք՝ որ Օրէնքին ենթակայ կ՚ուզէք մնալ, չէ՞ք կարդացած՝ ի՛նչ կ՚ըսէ Օրէնքի գիրքը։ Կ՚ըսէ՝ թէ Աբրահամ երկու որդիներ ունեցաւ, մէկը՝ ստրուկ աղախինէն, իսկ միւսը՝ ազատ կնոջմէն։ Աղախինէն ծնածը մարդկային մտահոգութիւններէ ծնաւ, մինչդեռ ազատ կնոջմէն ծնածը՝ աստուածային խոստումով։ Այս բաները այլաբանօրէն պէտք է հասկնալ։ Երկու կիները երկու Ուխտերը կը ներկայացնեն։ Անոնցմէ մէկը՝ Հագարը, որ ստրուկ զաւակներ ծնաւ, Սինա լերան վրայ կնքուած Ուխտն է։ Այո՛, Հագարը Արաբիայի Սինա լեռը կը խորհրդանշէ, եւ կը համապատասխանէ ներկայ Երուսաղէմին, որ իր զաւակներով միասին ստրկութեան մէջ է։ Իսկ միւս կինը որ ազատ է՝ կը խորհրդանշէ վերին Երուսաղէմը, որ մեր բոլորին մայրն է։ Արդարեւ, մարգարէութեան մէջ գրուած է. -- «Ուրախացի՛ր, ո՛վ ամուլ, որ զաւակ չծնար. ցնծութեամբ երգէ եւ աղաղակէ՛, դուն՝ որ երկունքի ցաւ չճանչցար. որովհետեւ դուն՝ լքուածդ, աւելի շատ զաւակ պիտի ունենաս քան ամուսին ունեցողը»։ Արդ, եղբայրներ, Իսահակին պէս՝ մենք ալ խոստումի որդիներ ենք։ Եւ ճիշդ ինչպէս այն ատեն մարդկային մտահոգութիւններէն ծնածը կը հալածէր Սուրբ Հոգիին խոստումով ծնածը, այնպէս կ՚ըլլայ նաեւ հիմա։ Բայց ի՞նչ կ՚ըսէ Սուրբ գիրքը. «Հեռացո՛ւր այդ աղախինը եւ անոր զաւակը, որովհետեւ աղախինին զաւակը պէտք չէ՛ ժառանգութեան բաժին ստանայ ազատ կնոջ զաւակին հետ միասին»։ Արդ, եղբայրնե՛ր, մենք աղախինին զաւակները չենք, այլ՝ ազատին, ա՛յն ազատութեամբ՝ որով Քրիստոս մեզ ազատ ըրաւ։ Ուստիամուր պահեցէքայդ ազատութիւնը, եւ վերստին ստրկութեան լուծին տակ մի՛ մտնէք։ Ահա ես՝ Պօղոսս կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ թլփատուիք՝ Քրիստոս ձեզի օգուտ մը չ՚ունենար։ Դարձեալ կը յայտարարեմ, թէ ով որ թլփատուի՝ պարտաւոր է ամբողջ Օրէնքը գործադրելու։ Իսկ եթէ փորձէք Օրէնքի գործադրութեամբ արդարանալ՝ ա՛լ Քրիստոսի հետ ձեր կապը կտրած կ՚ըլլաք եւ զրկուած՝ անոր շնորհքէն։ Մինչդեռ մենք Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ կը սպասենք՝ մեր հաւատքովը արդարանալու յոյսով։ Որովհետեւ Քրիստոս Յիսուսի միանալէ ետք՝ ո՛չ թլփատուած ըլլալը արժէք մը ունի, ո՛չ ալ թլփատուած չըլլալը, այլ՝ սիրով գործի դրուած հաւատքը։ Լաւ կ՚ընթանայիք. ո՞վ պատճառ եղաւ որ ճշմարտութեան չհնազանդիք։ Անշուշտ այդ համոզումը չի գար Աստուծմէ, որ ձեզ կանչեց։ Առածը գիտէք, չէ՞. «Քիչ մը թթխմորը ամբողջ զանգուածը կը խմորէ»։ Բայց ես Տիրոջմով վստահ եմ՝ որ ինձմէ տարբեր չէք խորհիր դուք ալ. իսկ ձեր միտքը պղտորողը ո՛վ որ ալ ըլլայ՝ իր պատիժը պիտի ստանայ Աստուծմէ։ Գալով ինծի, եղբայրնե՛ր, եթէ ես ալ տակաւին թլփատուիլ կը քարոզեմ, ինչպէս ոմանք կ՚ըսեն, ալ ինչո՞ւ կը հալածուիմ. չէ՞ որ այդ պարագային խաչի վրայ Քրիստոսի մահը կը դադրի գայթակղութիւն ըլլալէ։ Երանի՜ թէ արմատէն կտրուէին ձեր միտքը պղտորող այդ մարդիկը։ Եղբայրնե՛ր, Աստուած ձեզ կանչեց որ ազատ ըլլաք. միայն նայեցէք՝ որ այդ ազատութիւնը մարդկային ցանկութիւններ կատարելու պատրուակ չդառնայ, այլ՝ սիրով ծառայեցէք իրարու։ Որովհետեւ Օրէնքը լրիւ գործադրած կ՚ըլլաք սա մէկ պատուիրանով. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Իսկ եթէ այդպէս զիրար վիրաւորէք ու բզկտէք, զգո՜յշ, դուք ձեզ պիտի կործանէք։ Հետեւեալը կը թելադրեմ. -- Սուրբ Հոգիով առաջնորդուեցէք, փոխանակ մեղանչական բնութեան յատուկ ցանկութիւնները կատարելու։ Որովհետեւ մեղանչական բնութիւնը Սուրբ Հոգիին ցանկացածին հակառակն է որ կը ցանկայ, իսկ Սուրբ Հոգին՝ մեղանչական բնութեան ցանկացածին հակառակը։ Ասոնք իրարու հակառակ են, եւ ա՛յդ է պատճառը որ դուք չէք կրնար ձեր ուզածը կատարել։ Արդ, եթէ դուք Սուրբ Հոգիով կ՚առաջնորդուիք՝ կը նշանակէ թէ այլեւս Օրէնքին ենթակայ չէք։ Մարդկային գործերը յայտնի են, ինչպէս՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, անբարոյութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, կռիւ, նախանձ, բարկութիւն, հակառակութիւն, երկպառակութիւն, բաժանումներ, չար կամեցողութիւն, սպանութիւն, արբեցութիւն, անառակութիւն, եւ ասոնց նման բաներ։ Եւ կը նախազգուշացնեմ ձեզ, ինչպէս նախապէս ալ ըրած եմ, թէ այսպիսի բաներ ընողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Իսկ Սուրբ Հոգիին արդիւնքներն են՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, ազնուութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն։ Այսպիսի բաներու դէմ ոեւէ օրէնք չկայ։ Եւ անոնք որոնք Քրիստոսի կը պատկանին՝ իրենց մարդկային կիրքերն ու ցանկութիւնները խաչին վրայ մահացուցին։ Արդ, քանի Սուրբ Հոգիով այս նոր կեանքը կ՚ապրինք, նաեւ Սուրբ Հոգիով առաջնորդուինք։ Չըլլանք սնապարծ, չգրգռենք իրար, չնախանձինք իրարու։ Եղբայրնե՛ր, եթէ պատահի որ մէկը ոեւէ յանցանքիվրայ բռնուի, դուք՝ որ Սուրբ Հոգիով կ՚առաջնորդուիք՝ պէտք է հեզութեամբ զայն ուղիղ ճամբու բերէք։ Նաեւ զգոյշ եղէք դուք ձեզի, որպէսզի չըլլայ որ դուք ալ փորձութեան մէջ իյնաք։ Իրարու բեռը վերցուցէք, եւ այդպիսով կատարեցէք Քրիստոսի սիրոյ օրէնքը։ Որովհետեւ ով որ կը խորհի թէ ուրիշներէն տարբեր է՝ այնպիսին ինքզինք կը խաբէ, որովհետեւ բնաւ ալ տարբեր չէ։ Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ եւ իր գոհունակութիւնը միայն ինքն իրեն պահէ, փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու։ Որովհետեւ՝ իւրաքանչիւր մարդ իր արարքներուն պատասխանատուութիւնը ի՛նք պիտի կրէ։ Աստուծոյ խօսքին աշակերտութիւն ընողը իր ունեցած բարիքներէն բաժին թող հանէ իր ուսուցիչին։ Դուք ձեզ մի՛ խաբէք. կարելի չէ Աստուծոյ քթին խնդալ։ Մարդ ինչ որ ցանէ՝ այն կը հնձէ։ Ով որ իր մարմնի անդաստանին մէջ ցանէ՝ մահ պիտի հնձէ իր մարմնէն, իսկ ով որ Սուրբ Հոգիի անդաստանին մէջ ցանէ՝ յաւիտենական կեանք պիտի քաղէ Սուրբ Հոգիէն։ Գալով մեզի, չձանձրանանք բարիք գործելէ, որովհետեւ եթէ յարատեւենք՝ անպայման որ արդիւնքը պիտի քաղենք իր ատենին։ Հետեւաբար, որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է՝ բարիք ընենք բոլորին, մանաւանդ հաւատքի ճամբով մեր հարազատներուն։ Տեսէք՝ ինչպիսի՛ մեծ գիրերով կը գրեմ ձեզի. այս տողերը իմ ձեռքովս է որ կ՚աւելցնեմ։ Անոնք որ մարդկային նկատումներով ուրիշներու աչքին լաւ երեւիլ կ՚ուզեն՝ անոնք է որ ձեզ կը ստիպեն որ թլփատուիք, պարզապէս որպէսզի Քրիստոսի խաչին համար չհալածուին։ Որովհետեւ իրենք՝ այդ թլփատուածներն ալ Օրէնքը չեն պահեր. բայց կ՚ուզեն որ դուք թլփատուիք, որպէսզի ձեր թլփատուելովը պարծենան։ Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար։ Կարեւորը մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը չէ, այլ՝ նոր արարած ըլլալը։ Թող Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը ըլլան բոլոր անոնց հետ՝ որոնք այս սկզբունքին համաձայն կ՚ապրին. բոլոր անոնց՝ որոնք իր ընտրեալ ժողովուրդը կը կազմեն։ Այսուհետեւ, խնդրեմ, ոեւէ մէկը աշխարհիկ հոգերով թող զիս չնեղէ, որովհետեւ ես Յիսուսի կը պատկանիմ, ինչպէս մարմնիս վրայ վէրքերուն սպիները կը վկայեն։ Եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն։ Ես, Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Քրիստոս Յիսուսի առաքեալը, կը գրեմ Եփեսոս բնակող եղբայրներուդ, Քրիստոս Յիսուսի հաւատացողներուդ։ Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։ Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով մեզ օրհնեց երկինքի մէջ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութեամբ։ Անիկա աշխարհի գոյութենէն իսկ առաջ մեզ ընտրած էր՝ Քրիստոսի միջոցաւ իրեն պատկանելու համար, որպէս սուրբ եւ անարատ ժողովուրդ, եւ իր սիրով մեզ նախասահմանեց՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով իր որդիները ըլլալու, որովհետեւ ա՛յդ էր իր կամքը եւ ծրագիրը։ Ուստի գովենք զինք այն փառքին համար՝ որ մեզի շնորհեց իր սիրելի Որդիին միջոցաւ։ Արդարեւ, անով փրկուեցանք եւ անոր արիւնով մեր մեղքերուն թողութիւն գտանք։ Որքա՜ն մեծ է իր շնորհքը, որ առատօրէն տուաւ մեզի՝ ամենայն իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ։ Որովհետեւ իր կամքին համաձայն մեզի յայտնեց շատ կանուխէն պատրաստած իր ծրագիրը, որ Քրիստոսով պիտի իրագործուի։ Եւ այդ ծրագիրը սա է, որ երբ ժամանակները իրենց լրումին հասնին՝ Քրիստոս իրմով պիտի բովանդակէ ամէն ինչ որ կայ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Քրիստոսի միջոցաւ է որ ժառանգորդ դարձանք փրկութեան ։ Աստուած, որ ամէն ինչ կը յաջողցնէ ըստ իր առաջադրած ծրագրին ու կամքին, անով առաջուց հրաւիրեց մեզ՝ իր փառքը գովերգելու. մենք՝ որ Քրիստոսի յուսացողներուն առաջիններէն եղանք։ Դուք ալ, երբ լսեցիք ճշմարիտ քարոզութիւնը, այսինքն Աւետարանը որ ձեզի փրկութիւն բերաւ, հաւատացիք Քրիստոսի եւ խոստացուած Սուրբ Հոգիով կնքուեցաք։ Եւ Սուրբ Հոգին գրաւական է՝ թէ պիտի ժառանգենք Աստուծոյ խոստումը, երբ Աստուած պիտի փրկէ իր սեփական ժողովուրդը, որպէսզի իր փառքը գովերգենք։ Ահա թէ ինչո՛ւ, Տէր Յիսուսի վրայ ձեր հաւատքին եւ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հանդէպ ձեր սիրոյն մասին լսելէս ի վեր՝ չեմ դադրիր Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելէ ձեզի համար։ Միշտ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ ձեզ, որպէսզի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը, Հայրը՝ որուն կը պատկանի փառքը, ձեզի տայ իմաստութիւն եւ յայտնութիւն պարգեւող Հոգին, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ։ Այո՛, կ՚աղօթեմ որ Աստուած ձեր մտքի աչքերը լուսաւորէ, որպէսզի գիտնաք՝ թէ ի՛նչ է այն յոյսը որուն հրաւիրեց ձեզ, եւ ի՜նչ ճոխ ու փառաւոր է խոստումը՝ որ իր ընտրեալները պիտի ժառանգեն, եւ ի՜նչ գերազանց ու մեծ է այն ոյժը, կարողութիւնն ու զօրութիւնը, որ կը ներգործէ հաւատացեալներուս մէջ։ Այդ ներգործող զօրութիւնը Աստուած ցոյց տուաւ Քրիստոսի անձին վրայ, զայն մեռելներէն յարուցանելով եւ երկինքի մէջ նստեցնելով իր աջ կողմը, ոգեղէն աշխարհի բոլոր իշխանութիւններէն ու պետութիւններէն, զօրութիւններէն ու տէրութիւններէն գերիվեր, եւ դեռ ուրիշ անուններով ծանօթ բոլոր իշխանութիւններուն վրայ, թէ՛ ներկայ աշխարհին մէջ եւ թէ՛ գալիքին։ «Աստուած ամէն բան անոր իշխանութեան ենթարկեց» եւ եկեղեցւոյ գլուխ կարգեց զայն՝ վեր ամէն բանէ։ Հետեւաբար եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է, ամբողջացումն է Քրիստոսի, որ կ՚ամբողջացնէ ամէն ինչ, ամէն տեղ։ Անցեալինդուք հոգեւորապէս մեռած էիք ձեր յան–ցանքներուն եւ մեղքերուն հետեւանքով։ Այդ մեղքերով կ՚ապրէիք, այս աշխարհի սովորութեան համաձայն, ենթարկուելով Սատանային, որ մթնոլորտին մէջ գործող ոգեղէն ոյժերուն իշխանն է, եւ ներկայիս կը գործէ Աստուծոյ անհնազանդ մարդոց մէջ։ Ժամանակ մը մենք բոլորսալ նոյնպէս անհնազանդ էինք եւ մարդկային բնութեան յատուկ ցանկութիւններով կ՚ապրէինք՝ մեր մարմինին ու մտքին բոլոր փափաքները կատարելով, եւ իրապէս Աստուծոյ պատիժին արժանի էինք, միւսներուն պէս։ Քրիստոսի հետ յարուցանեց եւ անոր հետ միասին ալ երկինքի մէջ նստեցուց մեզ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած ենք, որպէսզի գալիք բոլոր ժամանակներուն մէջ մարդիկ տեսնեն այն գերազանցօրէն մեծ շնորհքը, որ Աստուած ա՜յնքան բարութեամբ ցոյց տուաւ մեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի անձին մէջ։ Այո՛, Աստուծոյ շնորհքովը փրկուեցաք, քանի հաւատացիք։ Փրկութիւնը ձեր արժանիքը չէ, այլ՝ Աստուծոյ պարգեւն է։ Ձեր գործերով շահուած չէ անիկա, որպէսզի ոեւէ մէկը չպարծենայ։ Աստուծոյ նոր ստեղծագործութիւնն ենք մենք, քանի Քրիստոս Յիսուսի միացած ենք. ստեղծուած՝ կատարելու համար այն բարի գործերը, որոնց համար Աստուած սկիզբէն մեզ պատրաստեց, որպէսզի անոնցմով լեցնենք մեր կեանքը։ Ուստի յիշեցէք, որ ժամանակ մը դուք ալ հեթանոս էիք մարմնով. այսինքն « անթլփատ » էիք, ինչպէս որ ձեզ կը կոչէին Հրեաները, որոնք մարմնաւորապէս թլփատուած են։ Ըսել կ՚ուզեմ, թէ այն ատեն դեռ չէիք ճանչնար Քրիստոսը, մաս չէիք կազմեր Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին, եւ հետեւաբար օտար էիք, կտրուած էիք Աստուծոյ խոստումով կնքուած ուխտերէն, եւ այս աշխարհի մէջ կ՚ապրէիք առանց յոյսի եւ առանց Աստուծոյ։ Բայց հիմա որ Յիսուս Քրիստոսի միացաք, դուք՝ որ ժամանակ մը խորթ էիք Աստուծոյ՝ հարազատ դարձաք Քրիստոսիզոհագործումովը։ Ա՛ն է մեր հաշտարարը, որ Հրեայ ու հեթանոս միացուց՝ իր մարմինին զոհագործումովը քանդելով զանոնք բաժնող թշնամութեան պատը, եւ խափանելով Մովսիսական Օրէնքը իր պատուիրաններով ու հրահանգներով, որպէսզի Հրեան ու հեթանոսը իր անձին մէջ միաւորելով՝ ստեղծէ նոր եւ միակ ժողովուրդ մը, եւ այսպիսով խաղաղութիւն հաստատէ. եւ երկուքը մէկ մարմին եղած՝ Աստուծոյ հետ հաշտեցնէ իր խաչովը։ Որովհետեւ իր անձին զոհագործումով էր որ անոնց թշնամութիւնը սպաննեց եւ եկաւ խաղաղութեան աւետիսը տուաւ բոլորին, թէ՛ ձեզի՝ հեթանոսներուդ, որ Աստուծմէ հեռացած էիք, եւ թէ՛ Հրեաներուն՝ որոնք իրեն մօտիկ էին։ Իրմով է որ մենք երկուքս, Հրեաներ ու հեթանոսներ, նոյն Հոգին ստացած՝ կրնանք Հօր Աստուծոյ ներկայութեան կանգնիլ։ Հետեւաբար այլեւս Աստուծոյ համար օտար եւ խորթ չէք, այլ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ համաքաղաքացի էք եւ Աստուծոյ ընտանիքին հարազատ անդամները։ Մասերն էք այն մեծ կառոյցին, որուն հիմը առաքեալներն ու մարգարէներն են, եւ որուն անկիւնաքարը ինք՝ Քրիստոս Յիսուս է։ Իրմով է որ ամբողջ կառոյցը ներդաշնակ միասնութեամբ մը կ՚աճի եւ Տիրոջ սեփական սուրբ տաճարը կը դառնայ։ Անոր միացած՝ դո՛ւք ալ բոլորին հետ միասին Աստուծոյ բնակարան կը դառնաք Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։ Այս պատճառով ալ, ես՝ Պօղոս, բանտը կը գտնուիմ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն եւ ձեզի՝ հեթանոսներուդ համար։ Անշուշտ լսած էք, թէ Աստուած իր շնորհքին մատակարարումը ինծի վստահեցաւ՝ ձեզի օգնելու համար։ Եւ յայտնութեամբ մը ինծի ցոյց տուաւ իր ծածուկ ծրագիրը, ինչպէս վերը համառօտակի գրեցի։ Զայն կարդալով՝ կրնաք հասկնալ թէ ո՛րքանով տեղեակ եմ Քրիստոսի ծածուկ ծրագրին։ Այդ ծրագիրը Աստուած չյայտնեց մարդկութեան նախորդ սերունդներուն այնպէս՝ ինչպէս հիմա Սուրբ Հոգիին միջոցաւ յայտնեց իր սուրբ առաքեալներուն եւ մարգարէներուն ։ Եւ Աստուծոյ ծրագիրը սա է, որ Աւետարանին միջոցաւ բոլոր ազգերն ալ Աստուծոյ ժողովուրդին ժառանգակից ըլլան, դառնան նոյն մարմինին անդամ, եւ բաժնեկից այն խոստումին՝ որ Աստուած իրագործեց Քրիստոս Յիսուսով։ Եւ այդ Աւետարանին սպասաւոր եղայ Աստուծոյ ձրի շնորհքովը, որ Աստուած իր ներգործող զօրութեամբը ինծի տուաւ։ Այո՛, ինծի՝ որ Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ յետիններուն յետինն եմ՝ Աստուած այս շնորհքը տուաւ, որպէսզի բոլոր ազգերուն աւետիս տամ՝ թէ ի՛նչպիսի աներեւակայելի գանձ մըն է Քրիստոս, եւ լուսաւորեմ բոլորը, որպէսզի տեսնեն թէ ի՛նչպէս Աստուած կ՚իրագործէ իր ծրագիրը։ Ան, ամբողջ տիեզերքի արարիչը, անցեալ բոլոր ժամանակներուն ծածուկ պահեց այս ծրագիրը, որպէսզի ներկայ ժամանակին եկեղեցիին միջոցաւ Աստուծոյ բազմապատիկ իմաստութիւնը յայտնուի երկինքի մէջ գտնուող իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն, այնպէս՝ ինչպէս Աստուած սկիզբէն նախասահմանած էր, եւ ինչպէս որ զայն իրագործեց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով։ Եւ մենք, Քրիստոսի միացածներս, համարձակօրէն եւ ամենայն վստահութեամբ կը կանգնինք Աստուծոյ ներկայութեան, քանի Քրիստոսի հաւատացինք։ Ուստի կ՚աղաչեմ որ չընկճուիք, տեսնելով այն նեղութիւնները որ ես ձեզի համար յանձն առած եմ, եւ որոնք ձեր փառքն են։ Ատոր համար ալ ծունկի կու գամ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հօրը առջեւ, որմէ իր գոյութիւնը կ՚առնէ երկնային թէ երկրաւոր ոեւէ ազգատոհմ, որպէսզի իր ճոխ փառքին համաձայն ձեզի զօրութիւն տայ՝ որ իր Հոգիովը ամրապնդուիք ներքնապէս, եւ ձեր հաւատքին միջոցաւ Քրիստոս ձեր սիրտերուն մէջ բնակի։ Կ՚աղօթեմ որ սիրոյ մէջ արմատանաք եւ հաստատուն հիմեր ունենաք, որպէսզի կարենաք հասկնալ, Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հետ միասին, Քրիստոսի սիրոյն ամբողջական տարողութիւնը՝ իր լայնութեամբ ու երկարութեամբ, իր բարձրութեամբ ու խորութեամբ։ Այո՛, որպէսզի ճանչնաք Քրիստոսի սէրը, որ ոեւէ միտքի հասողութենէն վեր կը մնայ, որպէսզի լեցուիք Աստուծոյ ամբողջական լիութեամբը։ Ուստի փա՜ռք Աստուծոյ. անոր՝ որ մեր մէջ ներգործող իր զօրութեամբ՝ միշտ ալ մեր խնդրածէն ու մեր խորհածէն շատ աւելին կ՚ընէ։ Եկեղեցւոյ մէջ Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ փա՜ռք իրեն՝ բոլոր ժամանակներու սերունդներուն կողմէ, յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն ։ Արդ, ես՝ որ Տիրոջ համար բանտը կը գտնուիմ՝ կ՚աղաչեմ, ապրեցէք այնպէս՝ ինչպէս կը վայելէ ձեր կոչումին, որուն հրաւիրեց ձեզ Աստուած։ Միշտ խոնարհ ու հեզ եղէք եւ համբերատար, եւ ձեր սէրը ցոյց տուէք՝ հանդուրժելով իրարու։ Ջանացէք Սուրբ Հոգիին շնորհած միութիւնը պահել խաղաղութեան շաղկապով։ Մէկ է Մարմինը եւ մէկ՝ Սուրբ Հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը՝ որուն հրաւիրեց ձեզ Աստուած։ Մէկ է Տէրը, մէկ՝ հաւատքը, եւ մէկ է մկրտութիւնը։ Մէկ է Աստուած, Հայրն ամենուն, որ կը տիրէ բոլորին, կը գործէ բոլորին ընդմէջէն, եւ կը մնայ բոլորին մէջ։ Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհք մը տրուած է, Քրիստոսի պարգեւած չափով։ Ահա թէ ինչու Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Բարձունքները ելաւ՝ բազմաթիւ գերիներ տանելով իր հետ, եւ պարգեւներ բաշխեց մարդոց»։ «Ելաւ» ըսելով ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ։ Ըսել կ՚ուզէ՝ թէ նախ երկրի ստորին կողմը իջաւ։ Ան որ իջաւ՝ նոյն ինքն է որ բոլոր երկինքներէն վեր բարձրացաւ, իրմով լեցնելու համար ամբողջ տիեզերքը։ Եւ ինքը՝ Քրիստոսն էր որ «պարգեւներ բաշխեց մարդոց», որպէսզի ոմանք առաքեալ ըլլան, ոմանք՝ մարգարէ, ոմանք՝ աւետարանիչ, ոմանք՝ հովիւ եւ ուսուցանող, Աստուծոյ ժողովուրդը պատրաստելու եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ դնելու համար, որպէսզի Քրիստոսի մարմինը՝ եկեղեցին աճի ու զօրանայ, մինչեւ բոլորս հասնինք հաւատքի ամբողջական միութեան եւ Աստուծոյ Որդիին ճանաչողութեան. այսինքն՝ մինչեւ հասնինք հաւատքի չափահասութեան, Քրիստոսի կատարեալ նմանութեան։ Որպէսզի ասկէ ետք չնմանինք երեխաներու, որոնք ալիքներու հետ կը տարուբերին եւ զանազան վարդապետութեանց հովերէն կը քշուին խաբեբայ մարդոց կողմէ, որոնք խորամանկ հնարքներով կը խաբեն ու կը մոլորեցնեն։ Այլ՝ ապրինք ճշմարտութեան համաձայն, սիրով, եւ հետզհետէ աճինք Քրիստոսի հետ մեր միութեան մէջ, որովհետեւ ի՛նքն է գլուխը, որ մարմինը իր բոլոր մասերով ներդաշնակ միասնութեամբ մը իրարու կը կապէ, բոլոր յօդերու օգնութեամբ։ Եւ երբ իւրաքանչիւր մաս պէտք եղածին պէս կը գործէ՝ մարմինը կ՚աճի եւ կը զօրանայ սիրոյ մէջ։ Արդ, Տիրոջ կողմէ կ՚ազդարարեմ ձեզի.– Չըլլայ որ կրկին դառնաք այն կենցաղին, որով հեթանոսները կ՚ապրին անմտօրէն։ Անոնց միտքը խաւարած է. իրենց տգիտութեան եւ յամառ անտարբերութեան պատճառով՝ օտարացած են Աստուծոյ կեանքին, եւ քանի այդ կեանքին յոյսը չունին, իրենք զիրենք անառակութեան տուած՝ ամէն պղծութիւն կը գործեն անյագօրէն։ Բայց ես ձեզի սորվեցուցի, թէ այդ չէ՛ Քրիստոսի ճամբան։ Դուք լսեցիք իր պատգամները եւ իրեն միանալով սորվեցաք՝ թէ Յիսուսի մէջ է ճշմարտութիւնը։ Ուստի մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկին ապրելակերպը, որ խաբուսիկ ցանկութիւններով ապականած էր, վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ։ Հետեւաբար ստախօսութենէն հրաժարեցէ՛ք։ «Ամէն մարդ ճշմարտութիւնը թող ըսէ իր ընկերոջ», ինչպէս կ՚ըսէ մարգարէն, որովհետեւ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ իրարու անդամներ ենք։ Եւ ինչպէս սաղմոսերգուն կ՚ըսէ՝ «Նոյնիսկ երբ բարկանաք՝ չըլլայ որ մեղանչէք». եւ բարկացած չմնաք մինչեւ իրիկուն։ Բնաւ առիթ մի՛ տաք Սատանային ։ Ով որ գողութեամբ կ՚ապրէր՝ թող այլեւս չգողնայ, այլ՝ վարժուի արդար վաստակով ո՛չ միայն իր հացը շահելու, այլ նաեւ բարիք գործելու, օգնելով անոնց՝ որոնք կարօտ են։ Ոեւէ տգեղ խօսք չելլէ՛ ձեր բերանէն։ Խօսեցէք միայն ինչ որ պէտք է, ինչ որ բարի է՝ ուրիշներուն հաւատքը ամրապնդելու համար, որպէսզի լսողները Աստուծոյ շնորհքովը լեցուին։ Մի՛ տրտմեցնէք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին, որով կնքուեցաք՝ փրկութեան օրուան հասնելու համար։ Ձեզմէ արմատախի՛լ ըրէք ամէն դառնութիւն, բարկութիւն ու զայրոյթ, պոռչտուք եւ հայհոյութիւն, եւ առաջքը առած կ՚ըլլաք անոնց չար հետեւանքներուն։ Իրարու հանդէպ քաղցր ու գթած եղէք եւ ներեցէ՛ք իրարու, ինչպէս Աստուած ալ Քրիստոսի միջոցաւ ներեց մեզի։ Աստուծոյ նմանեցէք, որպէս իր սիրելի որդիները, եւ սիրով շարժեցէք, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս մեզ սիրեց եւ մեզ փրկելու համար ինքզինքը Աստուծոյ ընծայեց որպէս անուշահոտ ընծայ եւ զոհ ։ Պոռնկութեան, ոեւէ պղծութեան կամ ագահութեան խօսքն իսկ թող չըլլայ ձեր մէջ, որովհետեւ այդպէ՛ս կը վայելէ Աստուծոյ ժողովուրդին։ Վայել չէ որ լկտի եւ ամբարիշտ խօսակցութիւններով կամ խեղկատակութեամբ զբաղիք. այլ՝ ձեր խօսակցութիւնը միշտ գոհաբանութիւն պէտք է ըլլայ։ Մէկ բան վստահ գիտցէք, թէ ոեւէ մէկը որ պոռնկութիւն կ՚ընէ, պղծասէր է կամ ագահ – ինչ որ կռապաշտութիւն է – ժառանգութիւն պիտի չունենա՛յ Քրիստոսի եւ Աստուծոյ արքայութեան մէջ։ Հետեւաբար, չըլլայ որ ոեւէ մէկը պարապ խօսքերով ձեզ խաբէ. որովհետեւ այս բաներուն համար Աստուած իր բարկութիւնը պիտի թափէ անհնազանդ մարդոց վրայ։ Ասկէ ետք ոեւէ յարաբերութիւն մի՛ ունենաք այնպիսիներուն հետ, որովհետեւ թէպէտ ժամանակ մը խաւար էիք, սակայն հիմա որ Տիրոջ միացաք՝ լոյս էք։ Հետեւաբար լոյսի որդիներուն վայել ձեւով ապրեցէք. որովհետեւ լոյսին պտուղներն են՝ բարութիւնը, արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը։ Ջանացէք հասկնալ՝ թէ Աստուած ի՛նչ կ՚ուզէ ձեզմէ, եւ բնաւ մասնակից մի՛ ըլլաք խաւարին գործերուն, որոնք Աստուծոյ կամեցած պտուղները չեն տար։ Ընդհակառակը, ձաղկեցէ՛ք զանոնք, որովհետեւ մութին մէջ կը գործուին անոնց արարքները, որոնց մասին խօսիլն իսկ ամօթ է։ Բայց բոլոր այդ ծածուկ արարքները Քրիստոսի լոյսով կը յայտնուին եւ կը յանդիմանուին, որովհետեւ լոյսը կը յայտնէ ամէն բան։ Ահա թէ ինչո՛ւ երգը կ՚ըսէ.– «Արթնցի՛ր, ո՜վ քնացած. դո՛ւրս եկուր մեռելութենէդ, եւ Քրիստոս պիտի լուսաւորէ քեզ»։ Հետեւաբար ձեր ապրելակերպին ուշադրութիւն ըրէք։ Մի՛ ապրիք անմտօրէն, այլ՝ իմաստուններու պէս։ Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են։ Ուստի անմտութիւն մի՛ ընէք. հասկցէք թէ ի՛նչ կ՚ուզէ Տէրը ձեզմէ։ Գերին մի՛ դառնաք գինիին, որ անառակութեան կը տանի. այլ մասնաւորաբար Սուրբ Հոգիով լեցուեցէք, իրարու հետ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով խօսեցէք, եւ ձեր սիրտերուն մէջ միշտ երգեցէք ու սաղմոս ըսէք Տիրոջ, ամէն բանի համար միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով ։ Քրիստոսի հանդէպ ձեր պատկառանքը արտայայտեցէք՝ իրարու հնազանդելով։ Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք. որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին, իր մարմինին, որուն Փրկիչն է ինք։ Հետեւաբար, ինչպէս եկեղեցին Քրիստոսի կը հնազանդի, այնպէս ալ կիները ամէն բանի մէջ իրենց ամուսիններուն թող հնազանդին։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ իր կեանքը տուաւ անոր համար, որպէսզի ջուրի լուացումով զայն մաքրէ եւ իր խօսքով սրբէ, այնպէս մը՝ որ եկեղեցին իրեն ներկայանայ ամբողջական փառքով, առանց ոեւէ արատի կամ խորշոմի կամ ուրիշ թերութեան, այլ՝ ըլլայ սուրբ եւ անարատ։ Ճիշդ նոյն ձեւով, ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ՚ըլլայ, եւ չկայ մէկը որ իր մարմինը անտեսէ. ամէն մարդ ալ կը սնուցանէ եւ կը խնամէ իր մարմինը, ինչպէս Քրիստոս կը սնուցանէ եւ կը խնամէ եկեղեցին՝ իր մարմինը, որուն անդամներն ենք բոլորս, անոր մարմինէն ու ոսկորներէն։ Սուրբ գիրքին մէջ գրուած է. «Ահա այս պատճառով այրը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ Աստուծոյ ծրագրին կապուած կարեւոր ճշմարտութիւն մըն է ասիկա, որ ըստ իս՝ Քրիստոսի եւ եկեղեցիին կը վերաբերի։ Բայց նոյնը կը վերաբերի նաեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որովհետեւ իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր անձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը։ Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը։ «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» պատուիրանը առաջինն է՝ որ իրեն կապուած խոստում մը ունի. «որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ»։ Իսկ դուք, հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, այլ զանոնք մեծցուցէք քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ։ Ծառանե՛ր, ձեր մարմնաւոր տէրերուն հնազանդեցէք պատկառանքով ու երկիւղածութեամբ եւ անկեղծ սիրտով, ճիշդ ինչպէս Քրիստոսի պիտի հնազանդէիք։ Ձեր ծառայութիւնը ըրէք՝ ո՛չ միայն երբ հսկող աչք կայ ձեր վրայ, ինչպէս կ՚ընեն անոնք՝ որոնք մարդոց հաճութիւնը կ՚ուզեն շահիլ, այլ՝ իբրեւ Քրիստոսի ծառաներ, որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն սրտանց։ Ծառայեցէք յօժարակամ, ինչպէս պիտի ծառայէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց։ Գիտցէք, որ իւրաքանչիւր մարդ, ծառայ ըլլայ թէ ազատ, իր ըրած բարիքին փոխարէնը Տիրոջմէ պիտի ստանայ։ Դո՛ւք ալ, տէրե՛ր, նոյն վերաբերումը ունեցէք անոնց նկատմամբ, մէկ կողմ դնելով խստութիւնը։ Յիշեցէք որ ձեր ծառաներն ալ, դուք ալ՝ կը պատկանիք նոյն Տիրոջ, որ երկինքի մէջ է. եւ անիկա խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ։ Ի վերջոյ, զօրացէք Տիրոջմով եւ իր ամենակարող զօրութեամբ։ Ձեր վրայ առէք Աստուծոյ սպառազինութիւնը, որպէսզի կարենաք Սատանային հնարքներուն դէմ դնել։ Որովհետեւ մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ՝ երկինքի տակ գտնուող չար ոգիներուն, իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն դէմ։ Ուստի Աստուծոյ սպառազինութիւնը առէք, որպէսզի երբ չար օրը գայ՝ կարենաք ետ մղել Չարին հարուածները, եւ ամէն ինչ ընէք՝ կանգուն մնալու համար։ Հետեւաբար պատրաստ եղէք. ճշմարտութեամբ ամրապնդեցէք ձեր մէջքը, արդարութիւնը հագէք զրահի պէս, եւ խաղաղութեան Աւետարանը քարոզելու պատրաստակամութիւնը հագէք կօշիկի պէս։ Եւ այս բոլորին վրայ՝ հաւատքի վահանը առէք, որպէսզի կարենաք մարել Չարին արձակած բոլոր մխացող նետերը։ Առէք նաեւ փրկութեան սաղաւարտը եւ Սուրբ Հոգիին սուրը, այսինքն՝ Աստուծոյ խօսքը։ Այս բոլորին հետ՝ աղօթեցէ՛ք, աղօթեցէ՛ք եւ խնդրեցէ՛ք տեւաբար, Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ։ Ատոր համար ալ՝ արթուն հսկեցէք, կատարեալ յարատեւութեամբ աղօթելով բոլոր հաւատացեալ եղբայրներուն համար։ Աղօթեցէք նաեւ ինծի համար, որպէսզի Աստուած օգնէ ինծի՝ իր խօսքը տալով, եւ կարենամ համարձակօրէն պարզել Աւետարանին ծածուկ խորհուրդը ։ Որովհետեւ թէպէտ այժմ բանտի մէջ, բայց Աւետարանին դեսպանը կը մնամ միշտ։ Ուստի աղօթեցէք որ ինծի չպակսի համարձակութիւնը որ պէտք է ունենամ՝ խօսելու համար։ Որպէսզի դուք ալ գիտնաք թէ ի՛նչ կ՚ընեմ, թող ամէն ինչ ձեզի պատմէ Տիքիկոսը, որ Տիրոջ միացած մեր սիրելի եղբայրն է եւ հաւատարիմ օգնականը։ Ճիշդ ատոր համար զինք ղրկեցի ձեզի, որպէսզի մեր մասին պէտք եղածը իմացնէ եւ ձեր սիրտերը հանգստացնէ։ Թող Հայրն Աստուած եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս հաւատակից եղբայրներուդ խաղաղութիւն եւ սէր շնորհեն՝ հաւատքով միասին։ Թող Աստուծոյ շնորհքը ըլլայ բոլոր անոնց հետ, որոնք անմար սիրով կը սիրեն մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Պօղոսեւ Տիմոթէոս, Քրիստոս Յիսուսի ծառա–ներս, կը գրենք ձեզի՝ Քրիստոս Յիսուսի միացած բոլոր հաւատացեալներուդ, որ Փիլիպպէի կողմերը կը բնակիք, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն ու սարկաւագներուն ։ Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէրը Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։ Ամէն անգամ որ ձեզ յիշեմ՝ գոհութիւն կը յայտնեմ իմ Աստուծոյս։ Ամէն անգամ որ ձեր բոլորին համար կ՚աղօթեմ՝ ուրախութեամբ կ՚աղօթեմ, որովհետեւ առաջին օրէն մինչեւ հիմա ձեր մասնակցութիւնը բերիք աւետարանչութեան գործին։ Եւ վստահ եմ՝ թէ Աստուած, որ այդ բարի գործը սկսաւ ձեր մէջ, զայն իր կատարումին պիտի հասցնէ մինչեւ Քրիստոս Յիսուսի օրը գայ։ Իրաւունք կը համարեմ այսպէս խորհիլ ձեր բոլորին մասին, եւ ձեզ սրտիս մէջ ունիմ, որովհետեւ բոլորդ ալ մասնակից եղաք ինծի վիճակուած շնորհքին, ըլլա՛յ բանտարկութեանս ընթացքին, ըլլա՛յ երբ ազատ վիճակով Աւետարանը կը պաշտպանէի ու կը հաստատէի։ Միայն Աստուած գիտէ՝ թէ որքա՜ն կարօտցած եմ ձեզ, Քրիստոս Յիսուսի գորովովը։ Իմ աղօթքս է, որ ձեր սէրը աւելի եւ աւելի աճի աստուածգիտութեամբ եւ կատարեալ դատողութեամբ, որպէսզի կարենաք լաւը ընտրել եւ Քրիստոս իր գալստեան օրը ձեզ գտնէ մաքուր եւ ամբասիր, եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ արդար գործերով հարստացած՝ պատճառ ըլլաք որ Աստուած փառաւորուի եւ գովուի։ Կ՚ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, թէ գլխուս եկած բոլոր պատահարները աւելի եւ աւելի նպաստեցին Աւետարանի տարածման։ Թէ՛ կայսերական պալատին եւ թէ՛ այլ շրջանակներու մէջ բոլորը իմացան, թէ Քրիստոսի համար բանտարկուած եմ։ Նաեւ, բանտարկութիւնս Տիրոջ միացած բազմաթիւ եղբայրներու քաջութիւն ներշնչեց եւ համարձակութիւն տուաւ՝ աւելի՛ անվախօրէն Աստուծոյ խօսքը քարոզելու։ Կան այնպիսիներ, որոնք նախանձի եւ հակառակութեան համար Քրիստոսը կը քարոզեն, բայց ուրիշներ սիրայօժար կերպովկ՚ընեն։ Անոնք որ սէրէն մղուած կը քարոզեն, այդպէս կ՚ընեն՝ որովհետեւ գիտեն թէ Աւետարանի պաշտպանութեան համար բանտարկուած կը մնամ։ Իսկ անոնք որ հակառակասիրութենէ մղուած Քրիստոսը կը քարոզեն՝ անշուշտ բարի նպատակով չէ որ կ՚ընեն, այլ կը կարծեն թէ այդ ձեւով բանտարկութեանս մէջ առաւել վիշտ կը պատճառեն ինծի։ Սակայն ի՞նչ նշանակութիւն ունին ատոնք. շարժառիթը ի՛նչ ալ ըլլայ, պատրուակ թէ անկեղծ ցանկութիւն, կը բաւէ որ Քրիստոս կը քարոզուի, եւ ես ուրախ եմ ատոր համար, ուրախ ալ պիտի մնամ. որովհետեւ գիտեմ թէ վերջ ի վերջոյ ատիկա իմ փրկութեանս պիտի ծառայէ, շնորհիւ ձեր աղօթքներուն, եթէ Յիսուս Քրիստոսի Հոգին շնորհէ։ Այնպէս կ՚ակնկալեմ եւ կը յուսամ, որ ամօթով պիտի չմնամ, այլ՝ ինչպէս միշտ՝ այս անգամ եւս համարձակութեամբ պիտի պաշտպանեմ հաւատքս, այնպէս որ Քրիստոս փառաւորուի ինձմով, ըլլա՛յ ատիկա ապրելովս, ըլլա՛յմեռնելովս։ Որովհետեւ ինծի համար կեպնքը Քրիստոս է, եւ ուստի մեռնիլ՝ այդ կեանքը շահիլ կը նշանակէ։ Իսկ եթէ այս մարմնաւոր կեանքը պատճառ պիտի ըլլայ որ իմ գործովս նոր արդիւնքներ տամ, չեմ գիտեր ո՛ր մէկը ընտրեմ։ Երկու սուրի մէջ մնացած եմ. մէկ կողմէ՝ կը ցանկամ այս կեանքէն ելլել եւ Քրիստոսի հետ ըլլալ, ինչ որ գերազանցօրէն աւելի նախընտրելի է, բայց միւս կողմէ՝ ձեր սիրոյն՝ աւելի կարեւոր կը համարեմ այս կեանքին մէջ մնալը։ Եւ համոզուած եմ ու գիտեմ՝ թէ պէտք է մնամ. պէտք է մնամ՝ օգնելու համար ձեզի, որ զարգանաք եւ առաւել ուրախութիւն գտնէք ձեր հաւատքին մէջ։ Որպէսզի երբ յաջորդ անգամ ձեր մօտ գամ՝ Քրիստոս Յիսուսի միացած ըլլալնուդ համար աւելի պատճառ ունենաք ինձմով հպարտ ըլլալու։ Արդ, նայեցէք որ Քրիստոսի Աւետարանին վայել ձեւով ապրիք. որպէսզի, եթէ կարենամ գալ՝ անձամբ տեսնեմ, իսկ եթէ չկարենամ գալ՝ ձեր մասին իմանամ, թէ հաստատուն կը մնաք, մէկ շունչ մէկ հոգի, եւ միասնաբար կը պայքարիք Աւետարանի հաւատքին համար։ Երբեք մի՛ վախնաք հակառակորդներէն. այդ հակառակութիւնը անոնց կորուստին եւ ձեր փրկութեան ապացոյցն է։ Եւ ատիկա Աստուծմէ է. որովհետեւ Աստուած ո՛չ միայն Քրիստոսի հաւատալու շնորհքը տուաւ ձեզի, այլ նաեւ՝ անոր համար չարչարուելու շնորհքը, որպէսզի մղէք նոյն այն պատերազմը որ ես կը մղեմ, ինչպէս անցեալին տեսաք եւ հիմա կը լսէք։ Արդ, եթէ երբեք Քրիստոսի միացած ըլլալը մխիթարութիւն է, եթէ իր սէրը կը սփոփէ, եթէ Սուրբ Հոգին մարդիկը իրարու հաղորդակից կ՚ընէ՝ զանոնք իրարու հանդէպ գթած ու ողորմած դարձնելով, ուրախութիւնս կատարեալ ըրէք՝ միաբանելով, նոյն սէրը ունենալով իրարու հանդէպ, եւ համերաշխ ու համախորհուրդ ըլլալով։ Մի՛ ընէք ոեւէ բան որ հակառակասիրութենէ կամ փառասիրութենէ մղուած ըլլայ. այլ՝ խոնարհ ոգիով՝ ձեր ընկերները աւելի լաւ համարեցէք քան դուք ձեզ։ Միայն դուք ձեզ մի՛ մտածէք, այլ նաեւ՝ ձեր ընկերոջ մասին։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող իր եւ ուրիշներուն մասին խորհի այն՝ ինչ որ կը տեսնէ Քրիստոս Յիսուսի մէջ, որ թէպէտ բնութեամբ Աստուած էր, եւ Աստուծոյ հաւասար ըլլալը հռչակելը իրեն համար Աստուծոյ պատիւը յափշտակել չէր նշանակեր, բայց կամաւորաբար ինքզինքը այդ պատիւէն մերկացուց՝ ծառայական մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով, եւ մարդոց պէս եղաւ ու մարդկային կերպարանքով ճանչցուեցաւ։ Ինքզինքը խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ՝ յանձն առնելով մահը, եւ այն ալ՝ խաչի մահը։ Ատոր համար ալ Աստուած զայն շատ աւելի բարձրացուց եւ իրեն տուաւ այն անունը, որ վեր է բոլոր անուններէն. որպէսզի Յիսուսի անունին ծունկի գան բոլորը, երկնաւորներն ու երկրաւորները եւ սանդարամետականները, եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս « Տէր » է, Հայրն Աստուածը փառաւորելու համար։ Հետեւաբար, սիրելինե՛րս, դուք՝ որ ձեր մէջ ներկայ եղած ատենս միշտ հնազանդ եղաք ինծի, հիմա որ ձեզմէ հեռու եմ՝ աւելի չափով հնազանդ եղէք եւ երկիւղած բարեպաշտութեամբ ձեր փրկութեան համար աշխատեցէք։ Որովհետեւ Աստուած ի՛նք է որ կը ներգործէ ինչ որ կը կամենաք ու կը կատարէք, որպէսզի իր կամքին համաձայն շարժիք։ Ինչ որ կ՚ընէք՝ առանց տրտունջքի կամ առարկութեան ըրէք, որպէսզի անմեղադրելի եւ անարատ ըլլաք, Աստուծոյ իսկական որդիներ, որոնք անբիծ վարքով կ՚ապրին ապականած եւ այլասերած մարդկութեան մը մէջ։ Անոնց մէջ եղէք աստղերու պէս՝ որոնք կը փայլին երկնակամարին վրայ, կեանքի պատգամը ամուր պահելով, ինչ որ իմ պարծանքս պիտի ըլլայ Քրիստոսի դատաստանին օրը, թէ զուր տեղը չվազեցի եւ զուր տեղը չաշխատեցայ։ Հիմա նոյնիսկ եթէ կեանքս տամ ձեր հաւատքին համար, որ դուք իբրեւ զոհ Աստուծոյ կ՚ընծայէք, գոհ եմ եւ բոլորիդ ուրախութեան մասնակից։ Դուք ալ նոյնպէս գոհունակ եղէք եւ մասնակից եղէք իմ ուրախութեանս։ Կ՚ուզէի ձեր լուրերը ունենալ, որպէսզի իմ ալ սիրտս հանգիստ ըլլայ։ Ահա թէ ինչու, եթէ Տէր Յիսուս կամենայ, կը յուսամ շուտով Տիմոթէոսը ղրկել ձեր մօտ, որովհետեւ միակ սրտակիցս է, որ հարազատի պէս կը մտահոգուի ձեզմով։ Միւս բոլորը իրենք իրենց գործերով մտահոգ են եւ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսի գործով։ Դո՛ւք ալ գիտէք իր հաւատարմութիւնը, որովհետեւ ինչպէս զաւակ մը պիտի օգնէր իր հօր՝ այնպէս հետս աշխատեցաւ Աւետարանին համար։ Ուստի, հազիւ կացութիւնս յստականայ՝ կը յուսամ ղրկել զինք։ Բայց Տիրոջմով կը յուսամ որ շուտով ես ալ անձամբ կու գամ ձեր մօտ։ Անհրաժեշտ նկատեցի ձեզի ղրկել մեր եղբայրը՝ Եպաֆրոդիտոսը, որ դուք ղրկած էիք՝ կարիքներս հոգալու համար, եւ որ Քրիստոսի Աւետարանին համար աշխատեցաւ ու պայքարեցաւ իմ կողքիս։ Ինքն ալ շատ կարօտցած է ձեզ բոլորդ, եւ կը մտահոգուէր, քանի որ լսեր էիք իր հիւանդութեան մասին։ Եւ իրապէս ալ, մահամերձ ըլլալու աստիճան հիւանդացած էր, բայց Աստուած ողորմեցաւ իրեն. եւ ո՛չ միայն իրեն, այլ ինծի ալ ողորմեցաւ Աստուած, որպէսզի տրտմութեանս վրայ նոր տրտմութիւն չունենամ։ Ահա թէ ինչու՝ փութով ղրկեցի զինք, որպէսզի զինք վերստին տեսնելով ուրախանաք եւ իմ ալ տրտմութիւնս փարատի։ Ուստի Տիրոջմով ընդունեցէք զայն ամենայն ուրախութեամբ, եւ պատուեցէ՛ք այնպիսիները, որովհետեւ Տիրոջ գործին համար կեանքը վտանգի ենթարկեց եւ մինչեւ մահուան դուռը հասաւ, որպէսզի ձեր տեղը ի՛նք հոգայ կարիքներս։ Հետեւաբար, եղբայրնե՛րս, Տիրոջմով ուրախացէք։ Նոյն բաները գրելը ինծի համար ձանձրոյթ չէ, բայց ձեզ ճշմարտութեան մէջ կը հաստատէ։ Զգուշացէք այն մարդոցմէ, այն շուներէն, որոնք չարիք կը սերմանեն՝ ստիպելով որ թլփատուիք։ Իսկական թլփատուածները մե՛նք ենք, որովհետեւ Աստուծոյ Հոգիով լեցուած պաշտամունք կը կատարենք եւ միայն Քրիստոս Յիսուսի միացած ըլլալով կը պարծենանք, եւ ո՛չ թէ Օրէնքին գործադրութեամբ կամ Աբրահամի մարմնաւոր զաւակը ըլլալով։ Եթէ ատոնք բաւարար ըլլային փրկուելու համար, ինծի ոչինչ պիտի պակսէր. եւ եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ թէ մարմնական այդ կապին կրնայ վստահիլ, ես աւելիով կրնամ, քանի ութօրեայ թլփատուած Իսրայէլացի մըն եմ, Բենիամինի ցեղէն, զտարիւն Եբրայեցի եւ օրինապահ Փարիսեցի ։ Ա՛յնքան նախանձախնդիր էի, որ Քրիստոսի եկեղեցին կը հալածէի. եւ արդար էի այնքան՝ որքան Օրէնքին անթերի գործադրութիւնը կրնար տալ։ Սակայն այս բոլորը, որ ժամանակ մը առաւելութիւն կը սեպէի, հիմա վնաս կը համարեմ՝ Քրիստոսի սիրոյն համար։ Եւ իրաւ, ամէն ինչ վնաս կը համարեմ՝ համեմատած այն գերազանց շահին հետ, որ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալն է։ Այդ գիտութիւնը ունենալու համար՝ ամէն ինչ թողուցի, ոչնչութիւն սեպելով, որպէսզի Քրիստոսը շահիմ, եւ կատարելապէս անոր միանամ։ Այնպէս որ, իմ արդարութիւնս այլեւս Օրէնքի գործադրութենէն չի՛ գար, այլ՝ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած հաւատքէս, եւ այդ արդարութիւնը Աստուծմէ եկած արդարութիւնն է, հիմնուած՝ հաւատքի վրայ։ Հիմա միակ փափաքս է՝ ճանչնալ Քրիստոսը, անոր յարութեան զօրութիւնը, եւ անոր չարչարանքներուն մասնակից դառնալ՝ անոր մահուան օրինակը իմ վրաս առնելով, որպէսզի ես ալ արժանի ըլլամ մեռելներէն յարութիւն առնելու։ Չեմ ըսեր թէ արդէն յաջողած եւ կատարելութեան հասած եմ, բայց հասնելու կը ձգտիմ, որովհետեւ ճիշդ ատոր համար Քրիստոս Յիսուս զիս պահեց։ Եղբայրնե՛ր, ինքզինքս դեռ կատարելութեան հասած չեմ համարեր. բայց կ՚աշխատիմ անցեալը մոռնալ եւ գալիքին նայիլ, եւ ուշադիր կերպով կը վազեմ դէպի նպատակակէտը, իբրեւ մրցանակ ստանալու համար յաւիտենական կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Աստուած, Քրիստոս Յիսուսով։ Արդ, մենքոր կատարեալ ենք՝ նոյն ձեւով խորհինք։ Իսկ եթէ դուք որոշ կէտերու շուրջ տարբեր կը խորհիք, Աստուած ինք ձեզ պիտի լուսաբանէ։ Ամէն պարագայի, միասնաբար քալենք այն կանոններով, որոնցմով ընթացանք մինչեւ հիմա։ Եղբայրներ, ինծի՛ նմանեցէք, եւ հետեւեցէք անոնց՝ որոնք ձեզի տուած մեր օրինակով կ՚ընթանան։ Որովհետեւ, ինչպէս յաճախ կ՚ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ՚ըսեմ, մեր մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին։ Անոնց վերջը կորուստ է, որովհետեւ իրենց Աստուածը իրենց փորն է։ Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին։ Մենք, սակայն, երկինքի քաղաքացիներ ենք եւ հոնկէ՛ կը սպասենք որ գայ մեր Փրկիչը՝ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ մեր մահկանացու մարմինները պիտի կերպարանափոխէ եւ իր մարմինին պէս փառաւոր դարձնէ իր զօրութեամբը, որով կրնայ ամէն ինչ իր իշխանութեան ենթարկել։ Ուստի, սիրելի եւ կարօտալի եղբայրներ, դուք՝ որիմ ուրախութիւնս էք եւ պսակս, այսպէս ամրօրէն Տիրոջ միացած մնացէք, սիրելինե՛ր։ Եւոդիային ու Սինտիքին կ՚աղաչեմ, եւ կը թելադրեմ՝ որ իրարու հետ հաշտուին, քանի Տիրոջ միացած են։ Դո՛ւն ալ, ո՜վ հաւատարիմ լծակիցս, կը խնդրեմ որ օգնես այս երկու կիներուն, որովհետեւ ինծի հետ պայքարեցան Աւետարանին տարածման համար, Կղեմէսի եւ միւս գործակիցներուս հետ միասին, որոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ արձանագրուած են։ Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ՚ըսեմ՝ ուրախ եղէք։ Բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք։ Շուտով Տէրը կու գայ։ Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են։ Ի վերջոյ, եղբայրներ, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի։ Եւ գործքո՛վ կատարեցէք այն՝ ինչ որ ինձմէ սորվեցաք եւ ընդունեցիք, ինձմէ լսեցիք եւ իմ վրաս տեսաք. եւ Աստուած, որ խաղաղութիւն կու տայ, ձեզի հետ պիտի ըլլայ։ Մեծապէս ուրախացայ Տիրոջմով, որ վերջապէս ձեր միտքը ինկայ եւ ինձմով հետաքրքրուեցաք։ Գիտեմ որ նախապէս ալ կը հետաքրքրուէիք ինձմով, բայց զայն արտայայտելու առիթը չունէիք։ Ըսել չե՛մ ուզեր թէ բանի մը կարօտ եմ, որովհետեւ ես ունեցածովս գոհ ըլլալու վարժուած եմ։ Չքաւորութիւն ալ ճանչցայ, առատութիւն ալ տեսայ։ Վարժուեցայ ամէն տեսակի կացութիւններու եւ պայմաններու. թէ՛ կուշտ ըլլալու եւ թէ՛ անօթի մնալու, թէ՛ առատութեան եւ թէ՛ չքաւորութեան։ Ամէն ինչ կրնամ տանիլ շնորհիւ Քրիստոսի, որ զիս զօրացուց։ Բայց լաւ ըրիք որ ինծի օգնեցիք նեղութեանս մէջ։ Դո՛ւք ալ գիտէք, ո՜վ Փիլիպպեցիներ, թէ սկիզբը երբ ես Մակեդոնիա եկայ Աւետարանը քարոզելու, ձեզմէ զատ ուրիշ ոեւէ եկեղեցի չմտածեց իր ստացած հոգեւոր բարիքներուն փոխարէն նիւթապէս ինծի օգնելու մասին. մինչ դուք մէկ–երկու անգամ մինչեւ իսկ Թեսաղոնիկէ ղրկեցիք ինչ որ ինծի պէտք էր։ Ո՛չ թէ ձեր տուածին մասին կը մտածեմ, այլ այն վարձատրութեան՝ որ ձեր հաշւոյն պիտի աւելնայ։ Որովհետեւ ես ամէն ինչ ունիմ եւ աւելիով ունիմ, եւ Եպաֆրոդիտոսի ձեռքով ստացայ ձեր առատ նուէրները, որոնք ոեւէ խունկէ աւելի անուշահոտ եւ ոեւէ զոհէ աւելի ընդունելի են Աստուծոյ, իր կամքին համաձայն ըլլալով։ Թող ամենառատն Աստուած ի՛նք փառաւորապէս հոգայ ձեր բոլոր պէտքերը, Քրիստոս Յիսուսի ձեռքով։ Յաւիտեանս յաւիտենից փա՜ռք Աստուծոյ, մեր Հօրը։ Ամէն ։ Ողջոյն տուէք Քրիստոս Յիսուսի միացած բոլոր հաւատացեալներուն։ Իմ հետս եղող եղբայրները կը բարեւեն ձեզ։ Ձեզ կը բարեւեն նաեւ այստեղի բոլոր հաւատացեալները, մանաւանդ կայսրին ծառայութեան մէջ եղողները։ Տէր Յիսուս Քրիստոս իր շնորհքը պարգեւէ ձեր բոլորին։ Ամէն։ Ես, Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս՝ մեր եղբայրը, կը գրենք ձեզի՝ Կողոսա գտնուող ընտրեալներուդ, Քրիստոսի միացած հաւատացեալ եղբայրներուդ։ Թող Աստուած մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։ Միշտ կ՚աղօթենք ձեզի համար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօրը, որովհետեւ լսեցինք Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ ձեր հաւատքին եւ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հանդէպ ձեր սիրոյն մասին։ Այդ հաւատքն ու սէրը կը ցուցաբերէք՝ յաւիտենական կեանքին յոյսով, որ ձեզի վերապահուած է երկինքի մէջ։ Այս մասին լսեցինք սկիզբէն իսկ, Աւետարանի ճշմարիտ պատգամին ընդմէջէն, որ ձեզի եւս հասաւ, ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ կը տարածուի եւ իր արդիւնքները կու տայ, այնպէս՝ ինչպէս իր արդիւնքը տուաւ ձեր մէջ ալ, այն օրէն սկսեալ՝ երբ լսեցիք եւ ճշմարտապէս ճանչցաք Աստուծոյ շնորհքը։ Ատիկա ձեզի սորվեցնողը Եպաֆրասը եղաւ, մեր սիրելի ծառայակիցը, որ հաւատարմօրէն Յիսուսի կը ծառայէ՝ ձեզի համար։ Ինքն էր որ մեզի պատմեց ձեր սիրոյն մասին, որ Սուրբ Հոգիին պարգեւն է ձեզի։ Ահա թէ ինչու՝ մենք, այն օրէն որ լսեցինք, անդադար կ՚աղօթենք ձեզի համար եւ Աստուծմէ կը խնդրենք որ իր կամքին կատարեալ գիտութիւնը տայ ձեզի, եւ լեցուիք ամբողջական իմաստութեամբ եւ հոգեւոր իմացականութեամբ, որպէսզի ապրիք Տիրոջ վայել ձեւով, ամբողջութեամբ իր կամքին համաձայն, ամէն տեսակի բարի գործերով պտղաբեր դառնաք եւ Աստուծոյ գիտութեամբը աճիք։ Այդպիսով՝ դուք աւելի զօրացած կ՚ըլլաք անոր աստուածային փառքին բովանդակ զօրութեամբ, որ ձեզ կարող կը դարձնէ մեծ համբերատարութեամբ եւ ուրախութեամբ տանելու ամէն նեղութիւն։ Շնորհակալութիւն յայտնեցէք Հօր Աստուծոյ, որ մեզ արժանի ըրաւ լոյսի թագաւորութեան մէջ բնակող իր ընտրեալներուն վիճակին մասնակից դառնալու։ Մեզ խաւարի իշխանութենէն ազատեց եւ բերաւ իր սիրելի Որդիին իշխանութեան տակ։ Եւ Որդին մեզ փրկեց, իր զոհագործական մահուամբը թողութիւն տալով մեր մեղքերուն։ Քրիստոս ինք՝ տեսանելի պատկերն է աներեւոյթ Աստուծոյ. Հօրը Որդին, ծնած համայն ստեղծուածներէն առաջ։ Որովհետեւ Աստուած անով ստեղծեց ամէն բան, երկինքի մէջ թէ երկրի վրայ, երեւելի թէ աներեւոյթ. որոնց կարգին են՝ ոգեղէն աշխարհի գահակալներն ու տէրութիւնները, պետութիւններն ու իշխանութիւնները։ Անոր ձեռքով եւ անոր համար ստեղծուեցաւ ամէն բան։ Գոյութիւնն իր՝ ամէն բանէ առաջ է, եւ ամէն բան իրմով է որ գոյացաւ։ Ան է Գլուխը մարմնին, այսինքն՝ եկեղեցիին ։ Ան է սկիզբը, որ անդրանիկ ծնունդն եղաւ՝ մեռելներէն, որպէսզի ինք առաջնութիւնն ունենայ ամէն, ամէ՛ն բանի մէջ։ Որովհետեւ Հայրը ուզեց, որ Քրիստոս իր մէջ ունենայ աստուածային բնութեան լիութիւնը։ Անոր ձեռքով ուզեց իր հետ հաշտեցնել ամէն բան, երկինքի մէջ թէ երկրի վրայ, խաղաղութիւն հաստատելով խաչի վրայ մահուամբն անոր։ Դուք ալ ժամանակին Աստուծմէ օտարացած էիք եւ թշնամացած իրեն՝ ձեր մտածելակերպով ու չար գործերով։ Բայց այժմ Քրիստոս իր մարդեղութեամբն ու մահուամբը ձեզ հաշտեցուց Աստուծոյ հետ, որպէսզի դուք անոր ներկայանաք մաքուր, անբիծ եւ անարատ։ Ուստի յարատեւեցէ՛ք ձեր հաւատքին մէջ, զայն ամուր հիմերու վրայ հաստատելով, անխախտ պահելով այն յոյսը՝ որ ունեցաք Աւետարանի քարոզութիւնը լսելով։ Ես՝Պօղոսս, ինքս ալ ծառայ մըն եմ այդ Աւետարանին, որ երկինքի տակ գտնուող բոլոր արարածներուն կը քարոզուի։ Եւ հիմա, ուրախ եմ չարչարանքներուս մէջ, որ ձեր սիրոյն կը կրեմ, որովհետեւ Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասը իմ մարմինիս մէջ կ՚ամբողջացնեմ՝ անոր մարմինին համար, որ եկեղեցին է։ Եւ ես եկեղեցիին ծառայ եղայ՝ իբրեւ Աստուծոյ կողմէ տրուած պարտականութիւն, որպէսզի իր ամբողջութեանը մէջ ձեզի քարոզեմ Աստուծոյ խօսքը, փրկութեան այն ծրագիրը՝ որ Աստուած անցեալ բոլոր դարերուն մարդկութեան բոլոր սերունդներէն ծածուկ պահած էր, եւ որ հիմա յայտնեց իր ընտրեալներուն։ Աստուած ուզեց անոնց ցոյց տալ՝ թէ ի՜նչ հարուստ ու փառաւոր է իր ծրագիրը, որ կը վերաբերի բոլոր ազգերուն. եւ այդ ծրագիրն է՝ Քրիստոսը ճանչցնել ձեզի, գալիք փառքին յոյսով։ Ուստի մենք Քրիստոսը կը քարոզենք, հոգեւոր իմաստութեան բոլոր միջոցներով խրատելով բոլոր մարդիկը եւ ուսուցանելով բոլոր մարդոց, որպէսզի բոլորն ալ Աստուծոյ դիմաց կանգնեցնենք՝ Յիսուս Քրիստոսի միացած եւ հոգեւորապէս կատարեալ։ Ատոր համար է որ կ՚աշխատիմ ու կը պայքարիմ, այն ոյժովը՝ որ իմ մէջս կը գործէ զօրեղապէս։ Կ՚ուզեմ որ գիտնաք, թէ ինչպիսի՜ մեծ նեղութիւն կը կրեմ ձեզի եւ Լաւոդիկիացիներուն համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար՝ որոնք անձամբ զիս չեն տեսած։ Ասիկա կ՚ըսեմ՝ որպէսզի անոնց սիրտերը մխիթարուին ու սիրով շաղկապուին, եւ ամբողջական հասկացողութեամբ կատարեալ համոզումի հասնին, ճանչնալով Հօր Աստուծոյ ծրագիրը՝ Քրիստոս Յիսուսով յայտնուած ։ Քրիստոսի մէջ ծածկուած կը գտնուի Աստուծոյ իմաստութեան ու գիտութեան ամբողջ գանձարանը։ Ասիկա կ՚ըսեմ՝ որպէսզի ոեւէ մէկը ձեզ չխաբէ հրապուրիչ խօսքերով։ Որովհետեւ թէպէտ մարմինով հեռու, բայց հոգիով ձեզի հետ եմ։ Կ՚ուրախանամ՝ երբ տեսնեմ որ համերաշխ էք եւ ամուր՝ Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ ձեր հաւատքին մէջ։ Արդ, քանի ընդունեցիք Քրիստոս Յիսուսը, Տէրը, կապուած մնացէք իրեն։ Իր մէջ արմատացէք եւ իր վրայ աճեցէք, ամրապնդուելով այն հաւատքին մէջ՝ որ սորվեցաք, եւ անդադար գոհութիւն յայտնեցէք իրեն։ Զգոյշ եղէք, որ ոեւէ մէկը ձեր միտքը չգրաւէ իմաստասիրական տեսութիւններով եւ խաբեբայական սին խօսքերով, որոնք մարդկային աւանդութիւններու եւ բնութեան ոյժերուն վրայ կը հիմնուին եւ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ վարդապետութեան վրայ։ Որովհետեւ մարդացած Քրիստոսի մէջ կը բնակի աստուածային բնութեան ամբողջ լիութիւնը։ Եւ դուք ձեր կեանքին լիութիւնը գտաք՝ միանալով անոր, որ գլուխն է ոգեղէն աշխարհի բոլոր իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն։ Հաւատքի ճամբով երբ Քրիստոսի միացաք, դուք ձեր մեղքերը թօթափեցիք եւ Քրիստոսի թլփատութեամբ ստացած եղաք սրտի թլփատութիւնը։ Մկրտուելով՝ անոր հետ միասին թաղուեցաք, եւ անոր հետ ալ յարութիւն առիք, քանի հաւատացիք Աստուծոյ զօրութեան, որ զայն մեռելներէն յարուցանեց։ Քրիստոսի հետ Աստուած ձե՛զ ալ կենդանացուց, քանի դուք հոգեւորապէս մեռած էիք ձեր մեղքերուն պատճառով, որովհետեւ անթլփատ հեթանոսներ էիք։ Այո՛, Աստուած ներեց մեր բոլոր յանցանքները եւ իր իշխանութեամբ ջնջեց մեր օրինազանցութեան համար մեզի դէմ արձակուած դատապարտութեան վճիռը, զայն խաչափայտին գամելով։ Այսպիսով անիկա զինաթափ ըրաւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու պետութիւնները, յայտնապէս խայտառակելով ու պարտութեան մատնելով զանոնք Քրիստոսի ձեռքով, անոր յարութեան ատեն։ Կարեւորութիւն մի՛ տաք անոնց՝ որոնք ձեզ կը քննադատեն, թէ ինչո՛ւ չէք պահեր ուտելու եւ խմելու, տօնակատարութեանց, ամսամուտերու եւ Շաբաթ օրերու վերաբերող կանոնները. որովհետեւ այդ բոլորը գալիք իրականութեանց շուքն են, իսկ իրականութիւնը Քրիստոսի մէջ է։ Չըլլա՛յ որ ոեւէ մէկը իր կեղծ խոնարհութեամբ, հրեշտակներուն ընծայուած պաշտամունքով եւ զանազան տեսիլքներով ձեզ մոլորեցնէ եւ մրցանակէն զրկէ. որովհե— տեւ այդպիսիները մարդկային հպարտութենէ տարուած են եւ կ՚ուզեն իրենք զիրենք պարտադրել ձեզի։ Անոնք կապ չունին Գլուխին՝ Քրիստոսի հետ. մինչդեռ մարմինը՝ Քրիստոսի եկեղեցին, իր բոլոր յօդերով ու կապերով Գլուխին կապուած ու միացած, անկէ՛ կ՚առնէ իր աճումը, Աստուծոյ կամքին համաձայն։ Քանի Քրիստոսի հետ մեռաք եւ բնութեան ոյժերու տիրապետութենէն դուրս եկաք, ինչո՞ւ կը շարունակէք ապրիլ այնպէս՝ որպէս թէ ձեր կեանքը աշխարհէն կախում ունենար, եւ կը հնազանդիք Այդպէս պատուիրողները իմաստուն կրնան թուիլ՝ իրենց բարեպաշտական ինքնակամ արտայայտութիւններով, կեղծ խոնարհութեամբ եւ անխնայ կերպով մարմինը ճնշելով, բայց այս բաները ոեւէ արժէք չունին եւ միայն մարմինը բաւարարելու կը ծառայեն։ Քանիորյարութիւն առիք Քրիստոսիհետ, այսուհետեւ ձեր ուշադրութիւնը երկինք դարձուցէք, որովհետեւ հո՛ն է Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ կողմը նստած։ Երկնաւոր բաներու մասին խորհեցէք եւ ո՛չ թէ երկրաւոր բաներու. որովհետեւ դուք այս աշխարհին համար մեռաք, որպէսզի Քրիստոսի հետ միասին ապրիք այն կեանքով՝ որ Աստուած վերապահած է ձեզի։ Իսկ երբ Քրիստոս՝ ձեր կեանքը՝ յայտնուի, այն ատեն դուք ալ փառքով պիտի յայտնուիք անոր հետ։ Հետեւաբարմեռցուցէ՛քձերմէջ երկրաւորցանկութիւնները, այսինքն՝ ձեզմէ դուրս վանեցէք պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, ինչ որ կռապաշտութիւն է. որովհետեւ այդ բոլորը Աստուծոյ անհնազանդ մարդոց գործերն են, եւ Աստուած պիտի պատժէ զանոնք։ Նախապէս դո՛ւք ալ այդ բոլորը կ՚ընէիք, երբ տակաւին այդ ցանկութիւններով կ՚ապրէիք։ Բայց հիմա ձեզմէ դուրս նետեցէք այդ բոլորը.–բարկութիւնը, զայրոյթը եւ չարութիւնը։ Ձեր բերանէն ոեւէ հայհոյութիւն կամ լկտի խօսք չլսուի։ Սուտ մի՛ խօսիք իրարու։ Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքն ու նախկին գործերը, եւ նոր մարդ եղէք՝ ձեր Արարիչին պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի կարենաք զինք ճանչնալ։ Անգամ մը որ նորոգուեցաք՝ ա՛լ չկայ Հրեայ կամ հեթանոս, թլփատուած կամ անթլփատ, բարբարոս, վայրենի, ծառայ կամ ազատ. կայ միայն Քրիստոս, որ ամէն ինչ է եւ բոլորին մէջ։ Հետեւաբար, իբրեւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած ու սրբուած եւ իր սէրը վայելող մարդիկ՝ գթասիրտ եղէք. եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար։ Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք։ Եւ այս բոլորին վրայ՝ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է։ Ձեր սիրտերուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող թագաւորէ, որովհետեւ Աստուած այդ խաղաղութեան կանչեց ձեզ՝ մէկ մարմինի մէջ, որ Քրիստոսի եկեղեցին է։ Ուստի շնորհակալ եղէք Աստուծոյ։ Թող Քրիստոսի խօսքը ձեր մէջ բնակի իր ամբողջ հարստութեամբ, որպէսզի կատարեալ իմաստութեամբ սոր— վեցնէք իրարու եւ իրար խրատէք, եւ սաղմոսներով, օրհ— նութիւններով ու հոգեւոր երգերով ձեր սիրտերուն մէջ շնորհակալութեամբ զԱստուած օրհներգէք։ Եւ ինչ որ ալ ընէք, խօսքով թէ գործով, միշտ Տէր Յիսուսի անունով ըրէք, անոր միջոցաւ գոհութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ։ Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս որ կը վայելէ Տիրոջ միացածներուն։ Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները եւ մի՛ դառնացնէք զանոնք։ Զաւակնե՛ր, ամէն բանով հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, որովհետեւ Տէրը այդպէս կ՚ուզէ։ Հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, որպէսզի չյուսալքուին։ Ծառանե՛ր, ամէն բանով հնազանդեցէ՛ք ձեր տէրերուն։ Ձեր ծառայութիւնը ըրէք՝ ո՛չ միայն երբ հսկող աչք կայ ձեր վրայ, ինչպէս կ՚ընեն անոնք՝ որոնք մարդոց հաճութիւնը կ՚ուզեն շահիլ, այլ՝ անկեղծ սրտով, Տիրոջ հանդէպ ձեր ունեցած պատկառանքէն մղուած։ Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց։ Գիտցէք, որ Տիրոջմէ է որ պիտի առնէք ձեր հատուցումը, որ խոստացաւ ձեզի տալ, քանի որ Տիրոջ՝ այսինքն Քրիստոսին է որ կը ծառայէք։ Իսկ անիրաւը իր անիրաւութեան հատուցումն է որ պիտի ստանայ. որովհետեւ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ։ Իսկ դուք, տէրե՛ր, իրաւունք եւ արդարութիւն ըրէք ձեր ծառաներուն։ Գիտցէք, որ դուք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ։ Շարունակ աղօթեցէք՝ արթուն հսկելով, միշտ գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ։ Միեւնոյն ատեն աղօթեցէք նաեւ մեզի համար, որպէսզի Աստուած իր խօսքը քարոզե— լու լայն պատեհութիւն տայ մեզի, եւ կարենանք պարզել Քրիստոսի ծածուկ ծրագիրը, որուն համար բանտը կը գտնուիմ։ Աղօթեցէք որ կարենամ ամենուն յայտնի դարձնել այդ ծրագիրը, այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք է։ Իմաստութեամբ վարուեցէք չհաւատացողներուն հետ, եւ ժամանակը օգտագործեցէք։ Ձեր խօսքերը միշտ շնորհալի թող ըլլան, աղով համեմուած, եւ գիտցէք՝ ի՛նչպէս պէտք է պատասխանէք իւրաքանչիւր մարդու։ Իմ մասիս պատմելիք ինչ որ կայ՝ թող ձեզի պատմէ Տիքիկոսը, որ Տիրոջ միացած մեր սիրելի եղբայրն է, հաւատարիմ օգնականը եւ ծառայակիցը։ Ճիշդ ատոր համար զինք ղրկեցի ձեզի, որպէսզի մեր մասին պէտք եղածը գիտնաք եւ ձեր սիրտերը հանգստանան։ Ինք եւ Ոնեսիմոս, ձեր հայրենակիցը եւ մեր հաւատարիմ ու սիրելի եղբայրը, թող ձեզի պատմեն այստեղի բոլոր անցուդարձերը։ Ձեզի բարեւ ունի Արիստարքոսը, իմ բանտակիցս, ինչպէս նաեւ՝ Մարկոսը, Բառնաբասի եղբօրորդին, որուն մասին լուր ղրկած էի՝ որ երբ ձեր մօտ գայ՝ ընդունիք զինք։ Ձեզի բարեւ կ՚ընէ նաեւ Յիսուսը, որ Յուստոս ալ կը կոչուի։ Այս երեքը միակ Հրեաներն էին, որ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզելու մէջ այստեղ գործակից եղան ինծի, եւ ատով ալ մխիթարութիւն եղան ինծի համար։ Ձեզի բարեւ կ՚ընէ ձեր հայրենակիցը՝ Եպաֆրասը, Քրիստոս Յիսուսի ծառան, որ շարունակ իր աղօթքներով կը տքնի ձեզի համար, որպէսզի հոգեւորապէս կատարեալ ըլլաք, կատարելապէս տեղեակ Աստուծոյ կամքին։ Իր մասին կը վկայեմ, որ մեծ աշխատանք տարաւ ձեզի եւ Լաւոդիկիացիներուն համար, ինչպէս նաեւ Երապոլիսի եղբայրներուն համար։ Ձեզի բարեւներ ունին նաեւ սիրելի բժիշկ Ղուկասը եւ Դեմասը։ Դուք ալ բարեւ ըրէք Լաւոդիկիա գտնուող եղբայր— ներուն, Նիմֆային եւ իր տունը հաւաքուող եկեղեցիին ։ Այս նամակը ձեր մէջ կարդալէ ետք՝ այնպէս ըրէք որ Լաւոդիկիայի եկեղեցիին մէջ ալ կարդացուի։ Կ՚ուզեմ որ նոյնպէս կարդաք Լաւոդիկիացիներուն նամակը։ Եւ Արքիպպոսին ըսէք. «Նայէ որ իր կատարումին հասցնես պաշտօնդ, որ Տէրը տուաւ քեզի»։ Ես՝ Պօղոս, այս բարեւը իմ ձեռքովս կը գրեմ։ Յիշեցէ՛ք կապանքներս։ Աստուծոյ շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։ Մենք՝ Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, կը գրենք ձեզի՝ Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ Հօր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի։ Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի։ Մեր աղօթքներուն մէջ միշտ կը յիշենք ձեզեւ անդադար ձեզի համար գոհութիւն կը մատուցանենք Աստուծոյ։ Հօր Աստուծոյ առջեւ միշտ կը յիշենք՝ թէ ի՛նչպէս կեանքի կը վերածէք ձեր հաւատքը, սէրէն մղուած կը ծառայէք ուրիշներուն, եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յուսալով՝ նեղութիւններու կը համբերէք։ Եղբայրնե՛ր, գիտէք թէ Աստուած ձեզ սիրեց եւ ընտրեց, որովհետեւ մեր քարոզութեամբ Աստուած իր Աւետարանը յայտնեց ձեզի՝ ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, այսինքն՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, եւ կատարեալ վստահութիւն ներշնչեց ձեզի։ Դուք լաւ գիտէք, թէ ձեր մէջ ի՛նչպէս ապրեցանք, ձեզի օրինակ ըլլալու համար։ Մեզի նմանելով՝ դուք Տիրոջ նմանած եղաք, քանի որ՝ հակառակ ձեր կրած բոլոր նեղութիւններուն՝ Սուրբ Հոգիին պարգեւած ուրախութեամբ ընդունեցիք մեր քարոզութիւնը, եւ ձեր այս ընթացքով օրինակ եղաք Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի բոլոր հաւատացեալներուն։ Արդարեւ, դուք ձեր օրինակով Տիրոջ խօսքը հռչակեցիք ո՛չ միայն Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ, այլեւ ամէն տեղ ուր Աստուծոյ վրայ ունեցած ձեր հաւատքին համբաւը տարածուեցաւ։ Այնպէս որ, այլեւս ո՛չ պէտքը կը զգանք բան մը աւելցնելու, ո՛չ ալ մենք մեզ ներկայացնելու, որովհետեւ ո՛ւր որ երթանք՝ մարդիկ իրենք մեր մասին կը պատմեն, թէ ի՛նչպէս ձեզի եկանք, ի՛նչպէս դուք կուռքերը ձգելով Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի եւ ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար, եւ թէ ի՛նչպէս կը սպասէք որ երկինքէն վերստին գայ Աստուծոյ Որդին, Յիսուսը, որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, եւ որ մեզ պիտի փրկէ գալիք բարկութենէն։ Դուք անձամբ գիտէք, եղբայրնե՛ր, թէ ձեզի տուած մեր այցելութիւնը ապարդիւն չեղաւ։ Այլ, ինչպէս գիտէք, Փիլիպպէի մէջ խոշտանգուելէ եւ անարգուելէ ետք՝ Աստուծմով քաջութիւնը ունեցանք ձեզի գալու եւ Աստուծոյ Աւետարանը քարոզելու, հակառակ այն բուռն ընդդիմութեան՝ որուն հանդիպեցանք։ Արդարեւ, ձեզի ուղղուած մեր յորդորը ո՛չ մոլորութեան վրայ հիմնուած էր, ո՛չ ալ աղտոտ եւ նենգ միջոցներու։ Այլ խօսեցանք այնպէս՝ ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ, որովհետեւ Աստուած փորձեց մեզ եւ իր Աւետարանը մեզի վստահեցաւ։ Կը խօսինք՝ ո՛չ թէ մարդոց հաճելի ըլլալու համար, այլ՝ Աստուծոյ, որ մեր սրտին խորհուրդները կը քննէ։ Ինչպէս լաւ գիտէք, ո՛չ շողոքորթութիւն ըրինք եւ ո՛չ ալ մեր շահը փնտռեցինք։ Աստուած վկայ է։ Ոեւէ մէկէն ալ փառք չփնտռեցինք, ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն։ Իբրեւ Քրիստոսի առաքեալներ՝ կրնայինք ծանրանալ ձեր վրայ, բայց հեզութեամբ վարուեցանք։ Ճիշդ ինչպէս մայր մը իր զաւակները կը սնուցանէ, այնպէս ալ մենք գորովանքով վերաբերեցանք ձեզի հետ. եւ ո՛չ միայն Աստուծոյ Աւետարանը ձեզի փոխանցելու պատրաստ էինք, այլ՝ մեր կեանքն ալ տալու, ա՛յնքան որ սիրելի եղաք մեզի։ Վստահաբար կը յիշէք, եղբայրներ, մեր ծանր աշխատանքն ու յոգնութիւնը. թէ ի՛նչպէս մէկ կողմէ գիշերցերեկ կ՚աշխատէինք՝ ձեզմէ ոեւէ մէկուն բեռ չըլլալու համար, եւ միւս կողմէ Աստուծոյ Աւետարանը կը քարոզէինք ձեզի։ Դուք վկայ էք, վկայ է նաեւ Աստուած, թէ ինչպիսի՛ մաքուր, արդար եւ ուղիղ վարմունք ունեցանք բոլոր հաւատացեալներուդ հանդէպ։ Շատ լաւ գիտէք, թէ ճիշդ ինչպէս հայր մը կը վերաբերի իր զաւակներուն հետ՝ այնպէս ձեզմէ իւրաքանչիւրը քաջալերեցինք ու մխիթարեցինք, թախանձագին խնդրելով՝ որ ապրիք այնպիսի՛ կեանք մը, որ վայել ըլլայ Աստուծոյ. անոր՝ որ ձեզ հրաւիրեց իր արքայութեան եւ փառքին ։ Մենք անդադար Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ անոր համար, որ դուք հազիւ Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը մեզմէ լսած՝ ընդունեցիք զայն, ո՛չ իբրեւ մարդկային պատգամ, այլ՝ իբրեւ Աստուծոյ պատգամը, որովհետեւ ճշմարտապէս ալ Աստուծոյ պատգամն է, եւ իբրեւ այդպիսին կը ներգործէ հաւատացեալներուդ մէջ։ Եղբայրներ, դո՛ւք ալ ունեցաք նոյն այն փորձառութիւնը, որ ունեցան Հրէաստանի մէջ գտնուող Աստուծոյ եկեղեցիները, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են։ Դուք ալ չարչարուեցաք ձեր ազգակիցներուն կողմէ, ինչպէս անոնք չարչարուեցան իրենց ազգակից Հրեաներէն, որոնք ո՛չ միայն Տէր Յիսուսը եւ մարգարէները սպաննեցին, այլ նաեւ մե՛զ հալածեցին, եւ այդպիսով Աստուծոյ աչքէն ելան եւ բոլոր մարդոց թշնամի եղան։ Եւ ամբողջացնելու համար այն մեղքերը, որ միշտ ալ գործած են, ուզեցին արգիլել՝ որ մենք հեթանոսներուն չխօսինք փրկութեան մասին։ Բայց Աստուծոյ ամբողջական բարկութիւնը հասած է արդէն իրենց վրայ։ Սակայն մենք, եղբայրնե՛ր, թէպէտ ժամանակի մը համար որբ մնացինք ձեզմէ, այսինքն՝ աչքէ հեռու եղանք, բայց սրտէ հեռու չեղանք։ Ա՜յնքան մեծ էր ձեզ տեսնելու մեր փափաքը, որ ամէն ջանք ըրինք այդ ուղղութեամբ։ Ես ինքս՝ Պօղոս, մէկէ աւելի անգամներ ուզեցի ձեր մօտ գալ, բայց Սատանան արգելք եղաւ մեզի։ Արդարեւ, երբ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս գայ, իր առջեւ ո՞վ պիտի ըլլայ մեր յոյսը կամ ուրախութիւնը, կամ յաղթանակի պսակը՝ որով կրնանք պարծիլ, եթէ ոչ՝ դուք։ Այո՛, դուք էք մեր փառքը եւ ուրախութիւնը։ Ահա թէ ինչու՝ այլեւս չհամբերեցինք։ Որոշեցինք մենք առանձին մնալ Աթէնք. իսկ Տիմոթէոսը, որ մեր եղբայրն է եւ միաժամանակ Աստուծոյ պաշտօնեան եւ Քրիստոսի Աւետարանին մէջ մեր գործակիցը, ղրկեցինք ձեզի՝ որպէսզի ձեզ ամրապնդէ եւ քաջալերէ ձեր հաւատքին մէջ, եւ չըլլայոր ոեւէ մէկը իր համոզումներուն մէջ խախտի ներկայ նեղութիւններուն պատճառով։ Որովհետեւ դուք շատ լաւ գիտէք, թէ այդ նեղութիւններուն մէջ ապրելու կոչուած ենք։ Երբ տակաւին ձեր մօտ էինք, սկիզբէն չըսի՞նք ձեզի՝ թէ նեղութիւններ պիտի կրենք, ինչպէս որ եղաւ ահա, եւ տեսաք։ Ճիշդ այդ պատճառով ալ, ես այլեւս չկարենալով համբերել՝ Տիմոթէոսը ղրկեցի, գիտնալու համար թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է ձեր հաւատքը, խորհելով՝ որ չըլլայ թէ Փորձիչը ձեզ փորձութեան մատնած ըլլայ եւ մեր ամբողջ աշխատանքը ի զուր անցած ըլլայ։ Հիմա, սակայն, երբ Տիմոթէոս ձեր քովէն մեզի վերադարձաւ եւ աւետիս տուաւ թէ կը պահէք ձեր հաւատքն ու սէրը, եւ թէ ամէն առիթով քաղցրութեամբ կը յիշէք մեզ եւ տեսնել կը փափաքիք, ինչպէս մենք կը փափաքինք ձեզ տեսնել, ատոր վրայ մեր սիրտերը հանգստացան, եղբայրնե՛ր։ Մեր բոլոր վիշտերուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ ձեր հաւատքով մխիթարուեցանք։ Կեանք եկաւ մեր վրայ, գիտնալով որ հաստատուն կը մնաք, Տիրոջ միացած։ Ի՜նչպէս շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք Աստուծոյ՝ ձեզի համար. այն ամբողջ ուրախութեան համար՝ որ մենք մեր Աստուծոյն առջեւ ունեցանք ձեր պատճառով։ Գիշեր–ցերեկ թախանձագին կ՚աղաչենք, որ Աստուած մեզի թոյլ տայ ձեզ անձամբ տեսնել եւ ամբողջացնելայն՝ ինչ որ կը պակսի ձեր հաւատքին մէջ։ Սակայն Աստուած ինք, մեր Հայրը, եւ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, թող իրենք ուղղեն մեր ճամբան, որ կարենանք ձեզի գալ։ Տէրը թող աճեցնէ եւ առատացնէ ձեր սէրը իրարու հանդէպ, ինչպէս նաեւ բոլորին հանդէպ, նման այն սիրոյն՝ որ մենք ունինք ձեզի հանդէպ, որպէսզի ձեր սիրտերը ամրապնդուին եւ ամբասիր սրբութեամբ ներկայանաք Աստուծոյ, մեր Հօրը, երբ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս գայ իր բոլոր ընտրեալներով։ Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, մենք ձեզի սորվեցուցինքթէ ի՛նչպէս պէտք է ապրիլ Աստուծոյ հաճելիըլլալու համար։ Թէպէտ այդպէս կ՚ապրիք արդէն, սակայն կը խնդրենք եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կը թելադրենք՝ որ շարունակէք յառաջանալ ներկայ ձեր ընթացքին մէջ։ Գիտէք թէ ի՛նչ պատուէրներ տուինք ձեզի Տէր Յիսուսի անունով, որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է՝ որ դուք սրբուիք եւ ամենեւին հեռու մնաք պոռնկութենէ։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող սրբութեամբ եւ պատուով ամուսնանայ։ Կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս, որոնք զԱստուած չեն ճանչնար. կամ չըլլա՛յ որ մէկը եղբօր մը դէմ մեղանչէ՝ անոր կինը յափշտակելով, որովհետեւ այդ բոլորին համար Տէրը իր դատաստանին մէջ անողոք պիտի ըլլայ, ինչպէս սկիզբէն ըսինք ձեզի եւ ազդարարեցինք։ Միթէ Աստուած մեր պղծալից կեանքը շարունակելո՞ւ հրաւիրեց մեզ, թէ՝ սրբութեամբ ապրելու։ Անշուշտ թէ սրբութեամբ ապրելու։ Հետեւաբար, ով որ սրբութեան այս պատուէրը կ՚արհամարհէ՝ մարդ մը անարգած չ՚ըլլար, այլ՝ նոյնինքն զԱստուած, որ իր Սուրբ Հոգին կու տայ մեզի։ Գալով եղբայրսիրութեան, մեր գրելուն պէտք չունիք, որովհետեւ ինքնին դուք Աստուծմէ սորված էք իրար սիրել, ինչպէս արդէն գործնապէսայդ սէրը ցոյց կու տաք ամբողջ Մակեդոնիայի բոլոր եղբայրներուն նկատմամբ։ Բայց դարձեալ, եղբայրնե՛ր, կը խնդրենք որ աւելի առատանաք ձեր սիրոյն մէջ, ջանաք հանդարտ կեանք մը վարել, միայն ձեր գործին նայիլ եւ ձեր աշխատանքի վաստակով ապրիլ, ինչպէս որ պատուիրեցինք ձեզի, որպէսզի ձեր պարկեշտ ընթացքով յարգուիք չհաւատացողներէն եւ ոեւէ մէկուն կարօտ չմնաք։ Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզենք որ մեռածներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնաք, որպէսզի չտրտմիք ուրիշներուն պէս, որոնք ոեւէ յոյս չունին։ Որովհետեւ, եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ կը հաւատանք՝ թէ Աստուած Յիսուսի ձեռքով եւ անոր հետ վերստինկեանքի պիտի բերէ անոնք՝ որ անոր հաւատացին եւ մեռան։ Հետեւաբար՝ կ՚ըսենք ձեզի, ինչպէս Տէրը ինք սորվեցուց.– Մեզմէ անոնք որոնք ողջ մնացած կ՚ըլլան Տիրոջ գալուստին ատեն, մեռածներէն առաջ պիտի չանցնին։ Որովհետեւ երբ հրամանը լսուի, հրեշտակապետը ազդարարէ եւ Աստուծոյ փողը հնչէ, Տէրը ինք երկինքէն պիտի իջնէ, եւ նախ յարութիւն պիտի առնեն անոնք՝ որ Քրիստոսի հաւատացին եւ մեռան։ Եւ ապա, մեզմէ անոնք որ այն ատեն դեռ ողջ պիտի ըլլան՝ անոնց հետ միասին ամպերու վրայ երկինք պիտի յափշտակուին Տէրը դիմաւորելու համար. եւ այնուհետեւ Տիրոջ հետ միասինպիտի ըլլանք յաւիտեան ։ Ուստի այս մտածումներով քաջալերեցէք իրար։ Բայց ինչ կը վերաբերիայս եղելութեանց ժամին ու ժամանակին, պէտք չեմ զգար ձեզի ոեւէ բան գրելու, որովհետեւ անձամբ դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ճիշդ ինչպէս գողը չսպասուած ժամուն կու գայ, այնպէս ալ Տիրոջ Օրը չսպասուած ժամուն պիտի գայ։ Երբ որ մարդիկ ըսեն՝ «Հանգիստ ենք եւ ապահով», ճիշդ այն ատեն՝ յանկարծակի վրայ պիտի հասնի կործանումը, ինչպէս երկունքը յանկարծ կը բռնէ յղի կինը, եւ ազատում պիտի չունենան։ Բայց դուք, եղբայրնե՛ր, դուք խաւարին մէջ չէք, որ Տիրոջ Օրը գողին պէս ձեզ անակնկալի բերէ։ Որովհետեւ դուք բոլորդ լոյսի որդիներ էք, ցերեկի որդիներ։ Գիշերին չենք պատկանիր, ո՛չ ալ խաւարին։ Հետեւաբար քունով չտարուինք ուրիշներուն նման, այլ՝ արթուն եւ զգաստ ըլլանք, որովհետեւ քնացողները գիշերն է որ կը քնանան, գինովցողներն ալ գիշերն է որ կը գինովնան։ Բայց մենք, քանի ցերեկին կը պատկանինք՝ պատրաստ ըլլանք, հաւատքի եւ սիրոյ զրահը հագած, եւ փրկութեան յոյսի սաղաւարտը դրած մեր գլխուն։ Որովհետեւ Աստուած մեզ չէ՛ ընտրած որպէսզի իր բարկութեան առարկան դառնանք, այլ՝ որպէսզի իր փրկութիւնը ժառանգենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով։ Արդարեւ, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ, որպէսզի մենք իրմով կենդանի ըլլանք, իր գալուստին ատեն ողջ ըլլանք թէ մեռած։ Հետեւաբար՝ քաջալերեցէ՛ք իրար եւ իրարու հաւատքը ամրապնդեցէք, ինչպէս արդէն կ՚ընէք։ Եղբայրնե՛ր, կ՚ուզենք որ գնահատէք եւ յարգէք անոնք՝ որոնք ձեզի համար կ՚աշխատին, եւ Տիրոջ կողմէ ձեզի առաջնորդ կարգուած ըլլալով՝ կը խրատեն ձեզ։ Արժանի ամէն յարգանք ընծայեցէք անոնց եւ սիրեցէ՛ք զանոնք, իրենց տարած գործին համար։ Իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրեցէք։ Կը խնդրենք, եղբայրներ, խրատեցէ՛ք անկարգութեամբ ապրողները, յուսադրեցէ՛ք վհատածները, պաշտպան եղէք տկարներուն, համբերատար եղէք բոլորին հանդէպ։ Նայեցէք որ ոեւէ մէկը չարիք ընողին չարիք չհատուցանէ. այլ ջանացէք միշտ բարիք ընել՝ ըլլա՛յ իրարու, ըլլա՛յ բոլորին։ Միշտ ուրախ եղէք, անդադար աղօթեցէք։ Ամէն բանի համար շնորհակալ եղէք, որովհետեւ Աստուած ատիկա՛ կը սպասէ ձեզմէ, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած էք։ Սուրբ Հոգիին կրակը մի՛ մարէք ձեր մէջ։ Մի՛ արհամարհէք մարգարէական պատգամները։ Ամէն բան քննեցէք, բարիին կառչեցէք։ Ամէն տեսակի չարիքէ հեռո՛ւ կեցէք։ Եւ Աստուած ինք, որ խաղաղութիւն կը պարգեւէ, թող կատարելապէս սրբէ ձեզ, եւ ձեր ամբողջ էութիւնը՝ հոգի, շունչ եւ մարմին, անարատ պահէ մինչեւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գալստեան Օրը։ Վստահեցէ՛ք Աստուծոյ, որ այդ նպատակով ձեզ հրաւիրեց եւ պիտի կատարէ իր խոստումը։ Եղբայրնե՛ր, մեզի համար ալ աղօթեցէք։ Սուրբ համբոյրով ողջունեցէք բոլոր եղբայրները։ Տիրոջ անունով կը խնդրեմ, որ այս նամակը կարդաք բոլոր հաւատացեալ եղբայրներուն ներկայութեան։ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։ Մենք՝ Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, կը գրենք ձեզի՝ Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ մեր Հօր Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կը պատկանի։ Թող Աստուած՝ մեր Հայրը եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։ Եղբայրնե՛ր, պարտք կը զգանք եւ արդար կը գտնենք ձեզի համար միշտ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, որովհետեւ ձեր հաւատքը հետզհետէ աւելի կ՚աճի եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը իրարու հանդէպ աւելի կը խորանայ։ Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ մենք կը պարծենանք ձեզմով, այն համբերութեան եւ հաւատքին համար, որ դուք ցուցաբերեցիք ձեր կրած բոլոր հալածանքներուն եւ նեղութիւններուն մէջ։ Ձեր համբերութիւնն ու հաւատքը ապացոյցը պիտի ըլլան Աստուծոյ արդար դատաստանին, որովհետեւ դուք արժանի պիտի ըլլաք Աստուծոյ արքայութեան, որուն համար այդքան կը տանջուիք։ Արդարեւ, Աստուծոյ համար արդարութիւն պիտի ըլլայ ձեզ չարչարողները տանջանքով պատժել, իսկ ձեզի՝ տանջուածներուդ՝ հանգիստ պարգեւել մեզի հետ միասին, երբ մեր Տէրը Յիսուս հրեշտակներու իր բանակով երկինքէն յայտնուի: Անիկա բոցավառ կրակով պիտի պատժէ անոնք՝ որոնք կը մերժեն զԱստուած ճանչնալ եւ հնազանդիլ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին: Այն օրը, այդպիսիները յաւիտենական մահուամբ պիտի պատժուին, զրկուելով Տիրոջ ներկայութենէն եւ անոր փառաւոր զօրութենէն, երբ անիկա գայ իր սուրբերուն մէջ փառաւորուելու եւ բոլոր իրեն հաւատացողներուն հիացումին առարկան ըլլալու։ Այն օրը դո՛ւք ալ անոնց մէջ պիտի ըլլաք, որովհետեւ հաւատացիք մեր տուած վկայութեան։ Ահա թէ ինչու՝ միշտ կ՚աղօթենք ձեզի համար, որպէսզի Աստուած ձեզ արժանի ընէ այդ կոչումին, իր զօրութեամբ կատարէ ձեր բոլոր բարի փափաքները եւ արդիւնաւորէ ձեր հաւատքը, որպէսզի ձեզմով փառաւորուի մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունը, եւ դուք փառաւորուիք իրմով, մեր Աստուծոյն եւ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւած շնորհքովը։ Ինչ կը վերաբերի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին եւ անոր քով մեր հաւաքուելուն, կ՚աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, թող շուտով ձեր միտքերը չպղտորին եւ տակնուվրայ չըլլաք, երբ լսէք թէ Տիրոջ Օրը եկած հասած է։ Մենք այդպիսի բան չենք ըսած, ո՛չ Հոգիին յայտնութեամբ, ո՛չ մեր քարոզութեամբ եւ ո՛չ ալ նամակներով, որպէս թէ մեր կողմէ գրուած։ Չըլլա՛յ որ մէկը ձեզ խաբէ ոեւէ ձեւով։ Որովհետեւ Տիրոջ Օրը պիտի չգայ՝ մինչեւ որ նախ չգայ Տիրոջ դէմ վերջին ապստամբութիւնը, եւ չյայտնուի անօրէնութեան մարմնացումը եղող մարդը, կորուստի սահմանուած հակառակորդը, որ պիտի ընդդիմանայ աստուած կոչուած եւ մարդոցմէ պաշտուած ոեւէ բանի։ Մինչեւ իսկ Աստուծոյ տաճարին մէջ պիտի նստի եւ ինքզինքին համար պիտի յայտարարէ՝ թէ աստուած է։ Չէ՞ք յիշեր որ այս բաները ըսի ձեզի, երբ տակաւին ձեր մօտ էի։ Դուք լաւ գիտէք՝ թէ ի՛նչ բանն է որ չի ձգեր որ այդ հակառակորդը հիմա յայտնուի, մինչեւ ժամանակը գայ։ Ներկայիս արդէն իսկ անօրէնութեան այդ խորհրդաւոր ոյժը գործի վրայ է. բայց պիտի չյայտնուի՝ մինչեւ որ անոր արգելք եղողը մէջտեղէն վերցուի։ Միայն այն ատեն պիտի յայտնուի Անօրէնը, զոր Տէր Յիսուս պիտի սպաննէ իր բերնին շունչով եւ պիտի ոչնչացնէ իր յայտնութեամբը, իր գալստեան ատեն։ Մինչ այդ, Անօրէնը, որ Սատանային ներգործութեամբ պիտի գայ, ամենայն զօրութեամբ կեղծ հրաշքներ եւ սքանչելիքներ պիտի կատարէ, եւ ամէն տեսակի չար խաբեբայութեամբ պիտի հրապուրէ անոնք՝ որ կորուստի ճամբուն մէջ են։ Քանի որ անոնք չսիրեցին եւ չընդունեցին ճշմարտութիւնը որ զիրենք պիտի փրկէր, Աստուած ալ մոլորութեան ազդեցութեան պիտի ենթարկէ զանոնք, որպէսզի ստութեան հաւատան։ Այսպիսով պիտի դատապարտուին բոլոր անոնք՝ որոնք չհաւատացին ճշմարտութեան, այլ՝ անիրաւութիւն գործելուն մէջ փնտռեցին իրենց հաճոյքը։ Բայց մենք միշտ Աստուծոյ գոհութիւն պէտք է յայտնենք ձեզի համար, եղբայրներ, որովհետեւ Տէրըսիրեց ձեզ։ Աստուած ձեզ ընտրեց՝ որպէս փրկութեան առաջին պտուղները, որպէսզի իր սուրբ ժողովուրդը ըլլաք Սուրբ Հոգիին միջոցաւ եւ ճշմարտութեան հաւատալով։ Աստուած ձեզ այդ փրկութեան հրաւիրեց մեր քարոզած Աւետարանով, որպէսզի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փառքը ունենաք։ Ուստի, եղբայրներ, հաստատուն մնացէք եւ ամուր պահեցէք աւանդութիւնները որ սորվեցաք մեզմէ, ըլլա՛յ խօսքով, ըլլա՛յ նամակով։ Եւ մեր Տէրը ինք՝ Յիսուս Քրիստոս, եւ Աստուած՝ մեր Հայրը, որ մեզ սիրեց եւ իբրեւ շնորհք՝ մնայուն մխիթարութիւն մը եւ հաստատուն յոյս մը տուաւ մեզի, թող սրտապնդեն եւ զօրացնեն ձեզ, որպէսզի միշտ խօսիք ու գործէք ինչ որ բարի է։ Ի վերջոյ, եղբայրներ, աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որպէսզի Տիրոջ խօսքին տարածման գործը արագ ընթանայ եւ ամէն տեղ փառաւոր արդիւնքի հասնի, ինչպէս ձեր մօտ եղաւ։ Աղօթեցէք նաեւ, որ Աստուած մեզ ազատէ անպատկառ եւ չար մարդոցմէ, որովհետեւ ամէնքը չեն հաւատար Աւետարանի պատգամին։ Բայց դուք վստահեցէ՛ք Տիրոջ, որ պիտի զօրացնէ ձեզ եւ հեռու պահէ Չարէն ։ Եւ Տէրը մեզի վստահութիւն կու տայ, թէ ինչ որ ձեզի պատուիրեցինք՝ կը կատարէք ու պիտի շարունակէք կատարել։ Թող Տէրը ձեր սիրտերը ուղղէ, որպէսզի ճանչնաք Աստուծոյ սէրը եւ Քրիստոսի ցուցաբերած համբերութիւնը։ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով կը պատուիրեմ ձեզի, եղբայրներ, որ հեռու մնաք ոեւէհաւատակից եղբօրմէ՝ որ ծուլութեամբ կ՚ապրի, եւ ո՛չ թէ այն օրինակով որ մենք ձեզի տուինք։ Որովհետեւ դուք լաւ գիտէք՝ ինչպիսի՛ օրինակ մը տուինք ձեզի, որպէսզի անոր հետեւիք։ Երբեք ծուլութեամբ չապրեցանք ձեր մօտ, ո՛չ ալ ձրի կերպով մէկու մը հացը կերանք։ Այլ՝ քրտինքով ու տքնութեամբ գիշեր–ցերեկ կ՚աշխատէինք, ձեզմէ ոեւէ մէկուն բեռ չըլլալու համար։ Ո՛չ թէ որովհետեւ իրաւունք չունէինք մեր սնունդն ու բնակարանը ձեզմէ ստանալու, այլ՝ կ՚ուզէինք որ մեր անձերը ձեզի օրինակ դառնան եւ մեր օրինակին հետեւիք։ Արդարեւ, ձեր մօտ եղած ատեն ալ շարունակ կը պատուիրէինք ձեզի, ըսելով. «Չաշխատողը թող չուտէ»։ Մինչդեռ հիմա կը լսենք, թէ ձեզմէ ոմանք ծուլութեամբ կ՚ապրին, առանց ոեւէ գործ ընելու, միակ գործ ըրած՝ ուրիշներու գործին խառնուիլը։ Այնպիսիներուն՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կը պատուիրենք եւ կը խնդրենք, որ սովորական աշխատանքին վերադառնան եւ իրենց աշխատանքով իրենց հացը վաստըկին։ Սակայն դուք, եղբայրներ, բարիք գործելէ մի՛ ձանձրանաք։ Իսկ եթէ ոեւէ մէկը չհնազանդի մեր այս նամակով տուած պատուէրին, զայն նկատի առէք եւ բարեկամութիւն մի՛ ընէք հետը, որպէսզի ամչնայ։ Բայց եւ այնպէս՝ թշնամիի տեղ մի՛ դնէք, այլ իբրեւ եղբայր խրատեցէք։ Թող խաղաղութիւն պարգեւող Տէրը ինք խաղաղութիւն տայ ձեզի, ամէն ատեն եւ ամէն կերպով։ Տէրը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Այս ողջոյնը ես՝ Պօղոս, իմ ձեռքովս է որ կը գրեմ։ Նամակներուս մէջ ստորագրութիւնս ա՛յս է, այսպէ՛ս է իմ գիրս։ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ես՝ Պօղոս, որ Քրիստոս Յիսուսի առաքեալն եմ՝ մեր փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսի հրամանով, քեզի՛ կը գրեմ, հաւատքի հարազատ որդիս, Տիմոթէոս։ Թող Հայրն Աստուած եւ մեր Տէրը Քրիստոս Յիսուս՝ շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւեն քեզի։ Երբ Մակեդոնիա կ՚երթայի, խնդրեցի որ Եփեսոս մնաս եւ խօսիս քանի մը հոգիներու, որպէսզի դադրին օտար վարդապետութիւններ ուսուցանելէ եւ չզբաղին սկիզբ ու վերջ չունեցող առասպելներով եւ ազգահամարներով, որոնք վէճերու դուռ կը բանան, փոխանակ օգնելու մարդոց հաւատքին եւ Աստուծոյ ծրագրին իրականացման։ Գերագոյն պատուիրանը սէրն է. անարատ սրտէ, մաքուր խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէն բղխած սէրը։ Շատեր այս պատուէրները մոռցած, դատարկ վիճաբանութեանց մէջ մտնելով՝ մեզի Օրէնք սորվեցնելու ելեր են, մինչդեռ ո՛չ իրենց խօսածը գիտեն, ո՛չ ալ Աստուծոյ Օրէնքը, որուն մասին այնքան վստահութեամբ կը ճառեն։ Գիտենք թէ Օրէնքը լաւ է՝ երբ պէտք եղած ձեւով գործադրուի։ Սակայն գիտենք նաեւ, թէ Օրէնքը արդարներուն համար դրուած չէ, այլ՝ անօրէններուն եւ անհնազանդներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն, սրբութիւնները ոտնակոխ ընողներուն ու պիղծերուն, հայր ու մայր անարգողներուն, մարդասպաններուն, պոռնկութիւն ընողներուն, արուագէտներուն, մարդ առեւանգողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդում ընողներուն, եւ բոլոր այն արարքներուն համար, որոնք հակառակ են իմ փոխանցած առողջ ուսուցումներուս. պատուէրներու, որոնք համաձայն են երանելի Աստուծոյ փառքը պատմող Աւետարանին, որ ես հաւատարմօրէն քարոզեցի։ Երախտապարտ եմ մեր Տիրոջ՝ Քրիստոս Յիսուսի, որ զօրացուց զիս եւ արժանի համարեց իրեն սպասաւոր կարգելու. զիս՝ որ նախապէս կը հայհոյէի իրեն, կը հալածէի եւ կ՚անարգէի զինք։ Բայց ինք ողորմութիւն ցոյցտուաւ ինծի, որովհետեւ առանց գիտնալու կ՚ընէի, երբ տակաւին չէի հաւատացած իրեն։ Մեր Տէրը իր շնորհքով ողողեց զիս, տալով այն հաւատքն ու սէրը որ մենք՝ Քրիստոս Յիսուսի միացածներս ունինք։ Մէկ բան որոշ է, եւ ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, թէ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու համար. եւ առաջին մեղաւորը ես եմ։ Բայց Աստուած ողորմութիւն ցոյց տուաւ ինծի՝ որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի նախ ինծի հանդէպ ցուցաբերած անսահման համբերատարութիւնը օրինակ ծառայէ բոլոր անոնց, որոնք իրեն կը հաւատան՝ յաւիտենական կեանքը ունենալու համար։ Իրեն՝ յաւիտենական Թագաւորին, անմահ եւ անտեսանելի միակ Աստուծոյն, պատիւ եւ փառք յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն ։ Որդեա՛կս, Տիմոթէոս, հետեւեալ պատուէրը կ՚աւանդեմ քեզի, որ սկիզբէն քեզի համար եղած մարգարէական պատգամները միտքէդ չհանես, այլ անոնցմով զինուիս եւ բարի զինուորութիւն ընես, հաւատքդ եւ խիղճդ մաքուր պահելով։ Շատեր իրենց խղճին չանսալով՝ իրենց հաւատքը կործանեցին։ Անոնցմէ են Հիմենէոսն ու Ալեքսանդրոսը, որոնք Սատանային կամքին ձգեցի, որպէսզի իրենց պատիժը կրելով՝ սորվին Աստուծոյ չհայհոյել ։ Արդ, ամէնբանէառաջկըխնդրեմորաղօթէք, խնդրանք, պաղատանք եւ գոհութիւն մատուցանէք բոլոր մարդոց համար, մանաւանդ թագաւորներուն եւ իշխանութեան գլուխ գտնուող բոլոր մարդոց համար, որպէսզի խաղաղ ու հանդարտ կեանք մը վարենք՝ կատարեալ աստուածպաշտութեամբ եւ պարկեշտութեամբ. որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ այդ կը փափաքի Աստուած, մեր Փրկիչը, որ կ՚ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան ճանաչումին, թէ՝ մէկ Աստուած կայ միայն, եւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ միակ միջնորդ մը՝ Քրիստոս Յիսուս մարդը, որ ինքզինքը իբրեւ փրկագին տուաւ բոլոր մարդոց համար։ Ատոր վկայութիւնը Աստուած տուաւ իր ատենին, եւ նոյն այդ վկայութիւնը տալու համար է որ ես ալ քարոզիչ եւ առաքեալ կարգուեցայ, քրիստոնէական հաւատքը եւ ճշմարտութիւնը սորվեցնելու համար բոլոր հեթանոսներուն ։ Եւ Քրիստոս ինք վկայ է՝ թէ ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ, առանց ստելու։ Կ՚ուզեմ որ ամենուրեք, երբ այր մարդիկ աղօթքի կանգնին՝ Աստուծոյ բարձրացուցած իրենց ձեռքերը արդար գործերով լեցուն ըլլան, եւ ո՛չ թէ վրէժխնդրութեամբ եւ անիրաւութեամբ։ Նոյնպէս կ՚ուզեմ որ կիներ իրենք զիրենք զարդարեն խոնարհութեան զարդերով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ։ Ո՛չ թէ մազերու յարդարանքով կամ ոսկեղէնով, մարգարիտներով կամ սուղ զգեստներով, այլ՝ բարի գործերով, ինչպէս որ աստուածպաշտութեամբ ապրիլ յանձն առած կիներուն կը վայելէ։ Եկեղեցական հաւաքոյթներուն՝ կիներ պէտք է սորվող ըլլան միայն, լռութեամբ եւ կատարեալ հնազանդութեամբ։ Չեմ արտօներ որ կին մը այր մարդուն սորվեցնէ կամ հեղինակութիւն բանեցնէ անոր վրայ։ Ընդհակառակը, պէտք է լուռ մնայ, որովհետեւ նախ Ադամ էր որ ստեղծուեցաւ, եւ յետոյ միայն Եւա։ Եւ յետոյ, Ադամ չէր որ խաբուեցաւ, այլ՝ կինն էր որ խաբուելով յանցանքի մէջ ինկաւ։ Բայց եւ այնպէս՝ կինն ալ կը փրկուի զաւակներ ծնելուն համար, եթէ ապրի պարկեշտութեամբ, հաւատքով, սիրով եւ սրբութեամբ ։ Մէկ բան որոշ է, որ եպիսկոպոսութեան ձգտողը բարիգործի է որ կը ցանկայ։ Արդ, եպիսկոպոսը պէտք է անմեղադրելի ըլլայ. մէկ կնոջ ամուսին, զուսպ, զգաստ, մեղմաբարոյ, հիւրասէր եւ ուսուցանելու ատակ։ Պէտք չէ գինեմոլ ըլլայ, ո՛չ ալ կոպիտ, այլ՝ ազնիւ. ո՛չ կռուազան եւ ո՛չ ալ դրամասէր։ Իր սեփական ընտանիքին լաւ վերակացութիւն ընող պէտք է ըլլայ. եւ ունենայ զաւակներ՝ որոնք իրեն հնազանդ ըլլան ամենայն ակնածանքով։ Այլապէս, եթէ իր սեփական ընտանիքին վերակացու չի կրնար ըլլալ, ի՞նչպէս պիտի կարենայ Աստուծոյ եկեղեցիին հոգ տանիլ։ Պէտք չէ հաւատքի մէջ նորադարձ մը ըլլայ, որպէսզի չըլլայ որ հպարտանալով՝ դատապարտութեան տակ իյնայ Սատանային պէս։ Այլ՝ պէտք է լաւ անուն ունենայ նոյնիսկ ոչ–քրիստոնեայ մարդոց մէջ, որպէսզի չըլլայ որ նախատանքի առարկայ դառնայ եւ Սատանային լարած թակարդին մէջ իյնայ։ Նոյնպէս ալ սարկաւագները. պէտք է պարկեշտ ըլլան, եւ ո՛չ թէ կեղծաւոր, գինեսէր, կամ շահամոլ։ Պէտք է մաքուր խիղճով պահեն հաւատքին յայտնեալ ճշմարտութիւնները։ Ասոնքեւս նախ պէտք է փորձուին եւ ապա միայն, եթէ անմեղադրելի ըլլան, իրենց պաշտօնին անցնին։ Անոնց կիները նոյնպէս պէտք է պարկեշտ ըլլան. ո՛չ թէ չարախօս, այլ՝ զուսպ եւ ամէն բանի մէջ վստահելի։ Սարկաւագները պէտք է մէկ կնոջ ամուսին ըլլան, եւ թէ՛ իրենց զաւակներուն եւ թէ՛ իրենց ընտանիքին լաւ վերակացու եղած ըլլան։ Որովհետեւ, լաւ ծառայութիւն ընողները թէ՛ իրենք իրենց համար վարկ կը շահին եւ թէ՛ մեծ համարձակութեամբ կրնան խօսիլ Քրիստոս Յիսուսի հանդէպ ունեցած իրենց հաւատքին մասին։ Յոյս ունիմ որ շուտով քովդ կ՚ըլլամ։ Բայց այս բաները կը գրեմ քեզի, որպէսզի, եթէ ուշանամ, գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է շարժիս Աստուծոյ ընտանիքին մէջ, այսինքն՝ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցիին մէջ, որ ճշմարտութեան սիւնը եւ խարիսխն է։ Եւ անհերքելիօրէն մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը, որովհետեւ Աստուած մարմինով երեւցաւ, եւ հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն յայտնուեցաւ, ազգերուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհի մէջ հաւատացուեցաւ, փառքով երկինք բարձրացուեցաւ։ Բայց Սուրբ Հոգին յայտնապէս կ՚ըսէ, թէ վերջին ժամանակներուն շատեր պիտի լքեն հաւատքը, ականջ տալով մոլորեցուցիչ չար ոգիներու եւ դեւերու ուսուցումներուն, որոնք կը քարոզուին կեղծաւոր եւ ստաբան մարդոց կողմէ, որոնց խիղճը Սատանային կնիքով խարանուած է։ Մարդիկ՝ որոնք ամուսնութիւնը կ՚արգիլեն եւ կը հրահանգեն հեռու մնալ կարգ մը ուտելիքներէ. մինչդեռ Աստուած այդ ուտելիքները ստեղծեց՝ որպէսզի հաւատացեալ եւ ճշմարտութեան ճանաչումին հասած մարդիկ շնորհակալութեամբ վայելեն զանոնք։ Արդարեւ, Աստուծոյ բոլոր ստեղծածները բարի են եւ անոնց մէջ խոտելի բան չկայ, մանաւանդ զանոնք շնորհակալութեամբ ընդունողին համար. որովհետեւ ամէն ինչ Աստուծոյ խօսքով եւ աղօթքով կը սրբուի։ Դուն, սակայն, Քրիստոս Յիսուսի իսկական ծառան կ՚ըլլաս՝ եթէ այս խրատները հաւատացեալ եղբայրներուն տաս, եւ ինքզինքդ սնուցանես այն հաւատքով ու ճշմարիտ ուսուցումներով, որոնց հետեւող եղար։ Իսկ պառաւներու յատուկ եւ հաւատքը պղտորող առասպելներէն ամբողջութեամբ հեռո՛ւ մնա։ Ինքզինքդ աստուածպաշտութեամբ ապրելու մարզէ. որովհետեւ եթէ մարմինի մարզանքները որոշ բաներու օգտակար են, աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, քանի կը խոստանայ կեանք տալ՝ թէ՛ այս աշխարհի եւ թէ՛ հանդերձեալին մէջ։ Մէկ բան որոշ է, եւ ամէն մարդ պէտք է գիտնայ, թէ՝ կը տքնինք եւ նախատինք կրել յանձն կ՚առնենք՝ որովհետեւ մեր յոյսը դրած ենք կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ բոլոր մարդոց փրկիչն է, բայց մանաւանդ հաւատացողներուն։ Այս բաները պատուիրէ եւ սորվեցուր։ Եւ որպէսզի ոեւէ մէկը քեզ չարհամարհէ՝ երիտասարդ ըլլալուդ համար, հաւատացեալներուդ օրինակ եղիր՝ խօսքովդ, վարմունքովդ, սիրովդ, հաւատքովդ եւ մաքուր կենցաղովդ։ Մինչեւ գալս հոգ տար իրենց՝ Աստուծոյ խօսքէն կարդալով, յորդորելով զիրենք եւ սորվեցնելով։ Անփոյթ մի՛ գտնուիր այն շնորհքին նկատմամբ, որ մարգարէական հոգիով քեզի տրուեցաւ, երբ երէցները ձեռք դրին քու վրադ։ Այս ըսածներուս մասին խորհէ եւ զանոնք գործի վերածելու աշխատէ, որպէսզի ամէն մարդ յայտնապէս տեսնէ քու յառաջդիմութիւնդ։ Ուշադիր եղիր՝ թէ՛ դուն քեզի եւ թէ՛ սորվեցուցածիդ, եւ միշտ ալ այդպէ՛ս մնա, գիտնալով որ այդ ձեւով ո՛չ միայն ինքզինքդ կը փրկես, այլ նաեւ բոլոր քեզ լսողները։ Երբեք խստութեամբ մի՛ յանդիմաներ ծեր մէկը, այլ՝ մեղմութեամբ յորդորէ զայն, ինչպէս հօրդ պիտի ընէիր։ Երիտասարդները եղբօրդ տեղը սեպէ, պառաւները՝ մօրդ, իսկ երիտասարդուհիները քրոջդ տեղը դիր եւ ամենայն մաքրութեամբ մօտեցիր անոնց։ Պատուէ եւ խնամէ ա՛յն այրիները՝ որոնք իսկապէս որբեւայրի են։ Իսկ երբ այրի մը զաւակներ ու թոռներ ունի, պէտք է անո՛նք նային իրեն, որպէսզի սորվին բարեպաշտութիւնը նախ տան մէջ կիրարկել՝ ծնողներէն իրենց տրուած խնամքին փոխարէն հոգ տանելով անոնց, որովհետեւ Աստուծոյ համար ա՛յդ է իրաւ եւ ընդունելի բարեպաշտութիւնը։ Իսկական այրին ան է՝ որ մէկը չունի, յոյսը միայն Աստուծոյ վրայ դրած է եւ գիշեր–ցերեկ աղօթքով ու խնդրանքով կ՚անցընէ իր ժամանակը։ Իսկ հանգստութիւն ու վայելք փնտռող այրին կենդանի մեռած մըն է արդէն։ Այնպիսիներուն այս պատուէրները տուր, որպէսզի անարատ ըլլան։ Իսկ մէկը՝ որ իրեններուն եւ մանաւանդ իր ընտանիքի անդամներուն հոգ չի տանիր, այնպիսին իր հաւատքը ուրացած մըն է, շատ աւելի գէշ՝ քան անհաւատ մը։ Այրի սեպէ միայն այն կիները՝ որոնք վաթսունը անց են, մէկ անգամ ամուսնացած, եւ բարի գործերով վկայուած են, այսինքն՝ զաւակներ մեծցուցած, հիւրասէր եղած, ճամբորդ հաւատացեալներուն խոնարհաբար ծառայած, նեղութեան մէջ եղողներուն օգնած, եւ իրենք զիրենք ամբողջութեամբ բարեգործութեան տուած են։ Բայց երիտասարդ այրիները մերժէ. որովհետեւ երբ իրենց ցանկութիւնները արթննան՝ ամուսնանալ կ՚ուզեն եւ Քրիստոսի դէմ կը դառնան, եւ դատապարտութեան կ՚ենթարկուին, որովհետեւ կ՚արհամարհեն անոր հաւատարիմ մնալու իրենց սկզբնական յանձնառութիւնը։ Միաժամանակ, ծուլութեան վարժուելով՝ կը սկսին տունէ տուն շրջիլ, եւ ո՛չ միայն ծոյլ, այլ նաեւ բամբասող ու հետաքրքիր կը դառնան, եւ իրենց գործը չեղած բաներու մասին կը խօսին։ Հետեւաբար, կ՚ուզեմ որ երիտասարդ այրիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, տուն պահեն, եւ ոեւիցէ առիթ չտան որ Հակառակորդը չարախօսէ. որովհետեւ արդէն իսկ ոմանք Սատանային հետեւելով խոտորեցան։ Իսկ եթէ ոեւէ հաւատացեալ իր ընտանիքին մէջ այրիներ ունի՝ թող ի՛նք նայի անոնց, որպէսզի եկեղեցին չծանրաբեռնուի եւ կարենայ իսկական այրիներուն հոգ տանիլ։ Այն երէցները որոնք լաւ վերակացութիւն կ՚ընեն եկեղեցիին՝ կրկնակի վարձատրութեան արժանի թող նկատուին, մանաւանդ անոնք՝ որոնք կ՚աշխատին թէ՛ քարոզելով եւ թէ՛ ուսուցանելով։ Որովհետեւ Օրէնքի գիրքը կ՚ըսէ. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր»։ Եւ՝ «Մշակը իր վարձքին արժանի է»։ Ոեւէ երէցի մասին եղած ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր, առանց երկրորդ կամ երրորդ վկաներ լսելու։ Իսկ այն երէցները որոնք մեղանչած են՝ բոլորին ներկայութեան յանդիմանէ, որպէսզի մնացեալները վախնան։ Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ ընտրեալ հրեշտակներու վկայութեամբ՝ կոչ կ՚ընեմ քեզի, որ այս կանոնները պահես առանց կանխակալ կարծիքներով շարժելու եւ առանց խտրութիւն դնելու։ Մի՛ աճապարեր ոեւէ մէկուն վրայ ձեռք դնելու, որպէսզի ուրիշներու մեղքերուն բաժնեկից չդառնաս։ Ինքզինքդ անարա՛տ պահէ։ Ասկէ ետք պարզ ջուր մի՛ խմեր, այլ քիչ մը գինի խառնէ՝ ստամոքսիդ համար, քանի յաճախակիօրէն կը հիւանդանաս։ Ինչպէս որ շատ մը մարդոց մեղքերը յայտնի կ՚երեւին, նոյնիսկ ոեւէ դատաստանէ առաջ, իսկ ուրիշներու պարագային ե՛տքը կը յայտնուին, նոյնպէս ալ բարի գործերը յայտնի կ՚երեւին, եւ նոյնիսկ անոնք որ անմիջականօրէն յայտնի չեն երեւիր՝ չեն կրնար ծածուկ մնալ։ Անոնք որ ծառայութեան լուծին տակ են՝ թող բացարձակ յարգանք ցոյց տան իրենց տէրերուն, որպէսզի Աստուծոյ անունը եւ Քրիստոսի ուսուցումները հայհոյութեան առարկայ չդառնան։ Իսկ անոնք որոնք քրիստոնեայ տէրեր ունին, Քրիստոսով եղբայր ըլլալնուն համար թող չարհամարհեն զանոնք. ընդհակառակը, թող աւելի՛ ծառայեն, քանի իրենց ծառայութենէն օգտուողները հաւատակիցներ են եւ սիրելի։ Այս բաները սորվեցուր եւ յանձնարարէ։ Իսկ ով որ տարբեր բան կը սորվեցնէ եւ կարեւորութիւն չի տար մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ողջմիտ խօսքերուն, ոչ ալ աստուածպաշտութեան վրայ հիմնուած ուսուցումներուն, այնպիսին հպարտութեամբ կուրցած մըն է, որ ոչինչ գիտէ։ Խնդիրներ եւ վէճեր ստեղծելու հիւանդութիւնը ունի. եւ ատկէ ծնունդ կ՚առնեն՝ նախանձը, հակառակասիրութիւնը, հայհոյութիւնը, չար կասկածները, եւ անվերջ բաղխումները՝ միտքով ապականած եւ ճշմարտութենէն հեռացած մարդոց միջեւ, որոնք կը կարծեն թէ կրօնքը շահի աղբիւր է։ Այդպիսիներէն հեռո՛ւ կեցիր։ Կրօնքը շահի մեծ աղբիւր է, այո՛, իր ունեցածով գոհանալ գիտցողին համար։ Արդարեւ, մեզի հետ ոեւէ բանչբերինք աշխարհ, եւ ոեւէ բան պիտի չկարենանք տանիլ մեզի հետ։ Եթէ ուտելիք եւ հագնելիք ունինք՝ անոնցմով բաւարարուինք։ Իսկ անոնք որ հարստանալ կ՚ուզեն՝ փորձութեան եւ թակարդի մէջ կ՚իյնան։ Կը բռնուին շատ մը անմիտ ու վնասակար ցանկութիւններով, որոնք մարդիկը մահուան եւ կորուստի անդունդը կը գլորեն։ Որովհետեւ բոլոր չարիքներու արմատը դրամասիրութիւնն է։ Շատեր դրամ դիզելու ձգտելով՝ հաւատքէն շեղեցան եւ իրենք զիրենք տանջեցին բազմաթիւ ցաւերով։ Սակայն դո՛ւն, ո՜վ մարդ Աստուծոյ, այդպիսի բաներէ հեռու փախիր, եւ հետամուտ եղիր՝ արդարութեան, աստուածպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան եւ հեզութեան։ Հաւատքի բարի պատերազմը մղէ, ամուր կառչէ յաւիտենական կեանքին, որուն քեզ հրաւիրեց Աստուած, եւ որ դուն դաւանեցար գեղեցիկ դաւանութեամբ մը, բազմաթիւ վկաներու ներկայութեան։ Կը պատուիրեմ քեզի՝ Աստուծոյ առջեւ, որ բոլորին կեանք կու տայ, եւ Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, որ Պոնտացի Պիղատոսին դիմաց իր հաւատքին վկայութիւնը տուաւ գեղեցիկ դաւանութեամբ մը, որ այս պատուիրանները պահես զգուշութեամբ եւ հաւատարմօրէն, մինչեւ որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս երկրորդ անգամ յայտնուի ։ Այդ յայտնութիւնը իր ատենին պիտի կատարէ Աստուած ինք, ան՝ որ երանելին է եւ միակ հզօրը, թպգպւորներու Թպգպւորը եւ տէրերու Տէրը, միակը՝ որ անմահ է. ան՝ որ անմատչելի լոյսին մէջ կը բնակի. զոր մարդոցմէ ո՛չ ոք տեսած է եւ ոչ ոք ալ կրնայ տեսնել։ Յաւիտեան անո՛րն են պատիւն ու զօրութիւնը։ Ամէն ։ Այս աշխարհի հարուստներուն պատուիրէ որ շատ չհպարտանան եւ անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք։ Պատուիրէ որ բարիք գործեն, լաւ գործերով հարստանան, եւ ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ։ Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու համար։ Ո՜վ Տիմոթէոս, պահէ՛ քեզի վստահուած աւանդը, հեռու մնալով շինծու եւ դատարկ տեսութիւններէն եւ կեղծ գիտութեան անունով կատարուած բանավէճերէն։ Շատեր այդ տեսութիւնները իւրացնելով՝ հաւատքէն շեղեցան։ Աստուծոյ շնորհքը քու հետդ ըլլայ։ Ես՝ Պօղոս, որ Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը եղայ՝ որպէսզի քարոզեմ իր խոստացած կեանքը, որ մենք՝ Քրիստոս Յիսուսի միացողներս ունինք, քեզի՛ կը գրեմ, ո՛վ Տիմոթէոս, իմ սիրելի որդիս։ Թող Հայրն Աստուած եւ մեր Տէրը Քրիստոս Յիսուս շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւեն քեզի։ Երախտապարտ եմ Աստուծոյ, որուն կը ծառայեմ մաքուր խիղճով, ինչպէս իմ նախահայրերս ծառայած են. եւ գիշեր–ցերեկ աղօթքներուս մէջ անդադար կը յիշեմ քեզ, եւ կը փափաքիմ քեզ տեսնել — մանաւանդ երբ կը վերյիշեմ բաժանման պահուն թափած արցունքներդ— որպէսզի սիրտս ուրախութեամբ լեցուի։ Կը մտաբերեմ այն անկեղծ հաւատքը որ քու մէջդ տեսայ. որ նախ մեծ մօրդ՝ Լաւոդիայի եւ մօրդ՝ Եւնիկէի մէջ գտած էի, եւ համոզուած եմ որ քու մէջդ ալ կայ։ Այդ պատճառով ալ կը յիշեցնեմ քեզի, որ բոցավառ պահես այն շնորհքը որ Աստուած քեզի տուաւ՝ երբ քեզ ձեռնադրեցի ։ Որովհետեւ Աստուած իր Հոգին մեզի տուաւ՝ որպէսզի մեր վախկոտութիւնը յաղթահարենք եւ զօրանանք, սիրով լեցուինք եւ զգաստ կեանք մը վարենք։ Հետեւաբար մի՛ վախնար մեր Տիրոջ մասին վկայութիւն տալու. մի՛ վախնար նաեւ խօսելու իմ մասիս, որ Տիրոջ համար բանտարկուած եմ։ Այլ՝ ինծի պէս յանձն առ Աւետարանին սիրոյն չարչարուիլ, որքան որ կարողութիւն տայ Աստուած, ան՝ որ մեզ փրկեց եւ իր սուրբ ժողովուրդը ըլլալու հրաւիրեց մեզ, ո՛չ թէ մեր արժանիքներուն համար, այլ՝ իր ծրագրին համաձայն եւ այն շնորհքին՝ որ մեզի տրուած էր Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ, յաւիտենական ժամանակներէն իսկ առաջ։ Այդշնորհքը այժմմեզի յայտնուեցաւ երեւումովը մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի, որ մահուան իշխանութիւնը խափանեց եւ իր տուած աւետիսով անմահական կեանքը յայտնեց ։ Աստուած զիս առաքեալ եւ հեթանոսներուն ուսուցիչ կարգեց, որպէսզի այդ աւետիսը տամ անոնց. եւ ա՛յդ է պատճառը որ այս չարչարանքները կը կրեմ։ Բայց այդ չարչարանքները բնաւ զիս չեն վախցներ, որովհետեւ կը ճանչնամ Փրկիչս, որուն վստահած եմ, եւ համոզուած եմ՝ թէ ինք ինծի վստահուած այդ աւանդը պիտի պահէ մինչեւ դատաստանի օրը։ Դուն քեզի օրինակ ունեցիր այն ողջմիտ ուսուցումները որ ինձմէ լսեցիր, այն հաւատքով եւ սիրով՝ որ մենք՝ Քրիստոս Յիսուսի միացածներս ունինք։ Քեզի վստահուած բարի աւանդը պահէ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ, որ մեր մէջ կը բնակի։ Կ՚ուզեմ որ գիտնաս, թէ Ասիա նահանգի բոլոր եղբայրները լքեցին զիս, որոնց մէջ՝ նաեւ Ֆիգելոսն ու Հերմոգենէսը։ Գալով Ոնեսիֆորոսին, թող Աստուած ի՛նք վարձատրէ անոր ընտանիքը, որովհետեւ բազմաթիւ անգամներ զիս ուրախացուց։ Չվախցաւ բանտ գալու, այլ՝ հազիւ Հռոմ հասած՝ ջանաց փնտռել եւ գտաւ զիս։ Թող Աստուած ինք վարձատրէ զայն դատաստանի օրը։ Իսկ թէ ո՛րքան ծառայութիւն մատուցանեց ինծի Եփեսոսի մէջ, դուն ինքդ շատ լաւ գիտես։ Հետեւաբար դուն, որդեա՛կս, Քրիստոս Յիսուսի շնորհքովը զօրացիր, եւ այն՝ ինչ որ ես սորվեցուցի բազմաթիւ վկաներու ներկայութեան, նոյն բաները աւանդէ այնպիսի վստահելի մարդոց, որոնք կարող ըլլան ուրիշներուն ալ սորվեցնելու։ Իբրեւ Քրիստոս Յիսուսի հաւատարիմ մէկ զինուորը, պատրաստ եղիր իրեն պէս չարչարուելու։ Զինուորական ծառայութիւն ընողը քաղաքացիական զբաղումներէն հեռու կը մնայ, իր զօրավարին աչքը մտնելու համար։ Նոյնպէս ալ, ոեւէ մարզիկ մրցանակին չի կրնար տիրանալ՝ եթէ դրուած կանոններուն համաձայն չմրցի։ Ծանր աշխատանքը տանող հողագործը նախ ի՛նք արժանի է արտին բերքէն վայելելու։ Հասկցի՛ր ինչ որ ըսել կ՚ուզեմ, որովհետեւ Տէրը քեզի իմաստութիւն պիտի տայ որ հասկնաս ամէն ինչ։ Յիշէ՛ մեռելներէն յարութիւն առած Քրիստոս Յիսուսը, որ Դաւիթի սերունդէն էր, իմ քարոզած Աւետարանիս համաձայն։ Այդ Աւետարանին համար է որ կը չարչարուիմ ահա եւ նոյնիսկ բանտարկուած ալ եմ, չարագործի մը պէս։ Սակայն Աստուծոյ խօսքը կարելի չէ բանտարկել։ Ատոր համար ալ ամէն բանի կը համբերեմ՝ Աստուծոյ ընտրեալներուն սիրոյն, որպէսզի անոնք եւս Քրիստոս Յիսուսի միանալով՝ հասնին փրկութեան եւ յաւիտենական փառքին ։ Մէկ բան որոշ է.– Եթէ Քրիստոսի հետ մեռանք՝ իրեն հետ ալ պիտի ապրինք։ Եթէ համբերենք՝ իրեն հետ ալ պիտի թագաւորենք։ Եթէ զինք ուրանանք՝ ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ։ Եթէ նոյնիսկ մենք հաւատարիմ չմնանք՝ ինքհաւատարիմ կը մնայ, որովհետեւ չի կրնար ինքզինքին հակասել։ Բոլորին յիշեցուր այս բաները, եւ Աստուծոյ ներկայութեան պահանջէ իրենցմէ՝ որ իրարու հետ վէճ ու կռիւ չընեն. բան մը, որ օգուտ չունենալէն զատ՝ լսողներուն ալ հաւատքը կը քանդէ։ Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ՚ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը։ Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնք հետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն։ Այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնը քաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս։ Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս, որոնք ճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հաւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնը արդէն տեղի ունեցած է։ Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ։ Անոր վրայգրուած է. « Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», եւ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայ անիրաւ գործերէ»։ Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ ու կաւէ անօթներ։ Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէք։ Արդ, ով որ ինքզինք մաքրէ նման մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու։ Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ր, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ու սրբութեան հետամուտ եղիր, անոնց պէս՝ որոնք մաքուր սրտով կ՚աղօթեն Աստուծոյ։ Յիմար եւ անօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին։ Աստուծոյ ծառան պէտք չէ կռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ, կարող ըլլայ Աւետարանը սորվեցնելու, ներողամիտ ըլլայ՝ որպէսզի քաղցրութեամբ խրատէ հակառակողները, որովհետեւ Աստուած միշտ ալ առիթ կու տայ որ անոնք դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան, եւ զգաստանալով՝ դուրս գան Սատանային որոգայթներէն, որոնց մէջ բռնուած՝ անոր կամքը կը կատարեն։ Սա՛ եւս գիտցիր, թէ վերջին օրերունդժուար ժամանակներ պիտի գան, որովհետեւ մարդիկ պիտի դառնան անձնասէր, դրամապաշտ, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներուն անհնազանդ, ապերախտ, սրբութիւնները ոտնակոխող, տմարդի, անգութ, չարախօս, անհանդուրժող, դաժան, բարիին թշնամի, մատնիչ, անպատկառ, գոռոզ, եւ աւելի հեշտանքը սիրող՝ քան զԱստուած։ Երեւութապէս աստուածապաշտ են անոնք, բայց խորքին մէջ չեն հաւատար աստուածպաշտութեան զօրութեան։ Զգուշացի՛ր անոնցմէ։ Անոնց մէջ կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք տունէ տուն կը մտնեն եւ իրենցմով կը հրապուրեն մեղքերով ծանրաբեռնուած եւ զանազան ցանկութիւններէ բռնուած թեթեւաբարոյ կիները, որոնք միշտ կ՚ուզեն գիտնալ, բայց երբեք ճշմարիտ գիտութեան չեն հասնիր։ Այնպէս ինչպէս Եանէս եւ Եամբրէս մոգերը Մովսէսի հակառակեցան, միտքով ապականած եւ հաւատքով սնանկ այս մարդիկն ալ ճշմարտութեան կը հակառակին։ Բայց իրենց յաջողութիւնը երկար չի տեւեր, որովհետեւ իրենց անմտութիւնը շուտով յայտնի պիտի ըլլայ բոլորին, ճիշդ ինչպէս այն երկուքինը եղաւ։ Բայց դուն կառչած մնա իմ ուսուցումիս, կեանքի օրինակիս, յօժարութեանս, հաւատքիս, համբերատարութեանս, սիրոյս եւ յարատեւութեանս, որոնք ցուցաբերեցի՝ նոյնիսկ հալածանքներուս եւ չարչարանքներուս մէջ։ Գիտես թէ ի՛նչ պատահեցաւ ինծի Անտիոքի, Իկոնիոնի եւ Լիստրայի մէջ. թէ ի՛նչպիսի հալածանքներ կրեցի, եւ այդ բոլորէն Տէրը զիս ազատեց։ Նոյնպէս, բոլոր անոնք որոնք կ՚ուզեն աստուածպաշտութեամբ Քրիստոս Յիսուսի միացած ապրիլ, անպայման հալածանքներու պիտի ենթարկուին։ Իսկ չար եւ խաբեբայ մարդիկ աւելի եւս պիտի յառաջանան չարութեան մէջ. իրենք մոլորած՝ ուրիշներն ալ պիտի մոլորեցնեն։ Բայց դուն հաստա՛տ կեցիր քու սորված բաներուդ վրայ, որոնց ճշմարտութեան վստահ ես, որովհետեւ գիտես թէ որոնցմէ սորվեցար։ Եւ արդէն մանուկ հասակէդ գիտես Սուրբ գիրքերը, որոնք զօրութիւնը ունին քու միտքդ իմաստութեան բանալու՝ որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի հաւատաս եւ փրկուիս։ Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր Սուրբ գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ՛ սխալը հերքելու, մարդս ճիշդ ճամբու մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար. որպէսզի Աստուծոյ նուիրուած մարդը կատարեալ ըլլայ, ամէն տեսակի բարի գործերու պատրաստ։ Ուստի, հետեւեալ պատուէրըկու տամ քեզի՝Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեան, որ ողջերն ու մեռածները պիտի դատէ իր յայտնութեան օրը, երբ իր թագաւորութեամբը գայ.– Աստուծոյ խօսքը քարոզէ եւ զայն յայտարարէ ամէն առիթով, առանց պատեհութիւնը կամ անպատեհութիւնը խորհելու, սխալները ուղղէ, եւ սաստէ կամ յորդորէ՝ մեծ համբերատարութեամբ ուսուցանելով։ Որովհետեւ ժամանակ պիտի գայ, երբ մարդիկ ականջ պիտի չկախեն առողջ վարդապետութեան, այլ՝ իրենց սեփական ցանկութիւններուն համապատասխանող եւ զիրենք հաճոյացնող բաներու մասին խօսող ուսուցիչներ պիտի փնտռեն։ Պիտի չուզեն ճշմարտութիւնը լսել, եւ առասպելներու ականջ տալով պիտի կորսուին։ Բայց դուն միշտ արթուն եղիր, նեղութիւններու համբերէ, աւետարանիչի քու գործդ ըրէ եւ ծառայութիւնդ իր աւարտին հասցուր։ Որովհետեւ ես արդէն իսկ կեանքս իբրեւ զոհ Աստուծոյ նուիրած եմ եւ այս աշխարհէն մեկնումիս ժամանակն ալ մօտեցած է։ Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի։ Ասկէ ետք ինծի կը մնայ միայն սպասել արդարութեան պսակին, որ Տէրը, արդար Դատաւորը, իբրեւ հատուցում՝ ինծի պիտի տայ դատաստանի օրը։ Եւ պիտի տայո՛չ միայն ինծի, այլ նաեւ բոլոր անոնց՝ որոնք սիրով կը սպասեն Տիրոջ յայտնուելուն ։ Ջանա՛ շուտով քովս գալ, որովհետեւ Դեմասը այս աշխարհը նախընտրելով՝ զիս լքեց եւ Թեսաղոնիկէ գնաց։ Կրեսկէսը Գաղատիա գնաց, Տիտոսը՝ Դալմատիա։ Միայն Ղուկասը կայ քովս։ Մարկոսը ա՛ռ հետդ բեր, որովհետեւ ինծի օգտակար է Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Տիքիկոսը Եփեսոս ղրկեցի։ Երբ գաս՝ հետդ բեր այն վերարկուն, որ Տրովադա ձգեցի, Կարպոսին քով։ Հետդ բեր նաեւ գիրքերս, մանաւանդ մագաղաթները։ Դպրբին Ալեքսպնդրոսը շպտ չարիք հասցուցինծի. թող Տէրը իր գործերուն համաձայն հատուցանէ իրեն։ Զգուշացի՛ր իրմէ, որովհետեւ կատաղի կերպով դէմ կեցաւ մեր քարոզութեան։ Առաջին դատավարութեանս ոեւէ մէկը թիկունք չկանգնեցաւ ինծի. բոլորն ալ զիս լքեցին։ Աստուած թող իրենց մեղք չհամարէ ատիկա։ Բայց Տէրը օգնեց ինծի եւ զօրացուց զիս, որպէսզի ինձմով իր խօսքին քարոզութիւնը կատարուի եւ բոլոր հեթանոսները լսեն զայն։ Աստուած զիս ազատեց ստոյգ մահուընէ, եւ ամէն չարիքէ պիտի ազատէ եւ պիտի փրկէ զիս, իր երկնաւոր արքայութիւնը հասցնելով։ Փա՜ռք իրեն, յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն ։ Բարեւներս տուր Պրիսկային եւ Ակիլասին, եւ Ոնեսիֆորոսի ընտանիքին։ Երաստոսը Կորնթոս մնաց, իսկ Տրոֆիմոսը Միլետոս ձգեցի, հիւանդ վիճակի մէջ։ Ջանա՛ձմեռը վրայ չհասած գալ։ Քեզի բարեւ ունին Եւբուլոսը, Պուդէսը, Լինոսը եւ Կլաւդիան, ինչպէս նաեւ բոլոր քրիստոնեայ եղբայրները։ Տէր Յիսուս Քրիստոս քու հետդ ըլլայ։ Աստուծոյ շնորհքը հետդ ըլլայ։ Ես, Պօղոս, Աստուծոյ ծառան եւ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, կոչուած եմ Աստուծոյ ընտրեալները բերելու հաւատքի եւ ճշմարտութեան ճանաչումին, այն ճշմարտութեան՝ որ աստուածպաշտութեամբ կը գտնուի, որպէսզի յաւիտենական կեանքի յոյսը ունենան։ Յաւիտենական ժամանակներէն իսկ առաջ՝ անսուտն Աստուած ինք խոստացաւ այդ կեանքը, իսկ հիմա՝ յարմար ժամանակը հասած համարելով՝ այդ խոստումը յայտնեց իր Աւետարանով, որուն քարոզութեան կոչուեցայ մեր փրկիչ Աստուծոյն հրամանով։ Ո՛վ Տիտոս, մեր հասարակաց հաւատքի ճամբով իմ հարազատ որդիս, թող Հայրն Աստուած եւ մեր փրկիչը Քրիստոս Յիսուս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն քեզի։ Քեզ Կրետէ թողուցի, որպէսզի եկեղեցիին պէտքերը հոգաս եւ զայն կազմակերպես՝ իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ երէցներ կարգելով, ինչպէս որ քեզի պատուիրեցի։ Երիցութեան թեկնածուն պէտք է անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր ըլլայ եւ հաւատացեալ զաւակներ ունենայ, որոնք անառակութեամբ եւ անհնազանդութեամբ ամբաստանուած չըլլան։ Արդարեւ, եպիսկոպոսը՝ որպէս Աստուծոյ տնտես՝ պէտք է անմեղադրելի ըլլայ։ Պէտք չէ յանդուգն, բարկացող, գինեմոլ, կռուազան կամ շահամոլ ըլլայ, այլ՝ հիւրասէր, բարին սիրող, զուսպ, արդար, մաքուր եւ ժուժկալ։ Պէտք է ամրօրէն պահէ իր սորված վստահելի վարդապետութիւնը, որպէսզի կարենայ ուղիղ ուսուցումով յորդորել ուրիշները եւ յանդիմանել հակառակորդները։ Որովհետեւ բազմաթիւ անհնազանդներ, դատարկախօսներ եւ միտք պղտորողներ կան, մանաւանդ հրէութենէ դարձածներուն մէջ, որոնց բերանը պէտք է փակել, որովհետեւ անոնք ամբողջ տուներ կը քանդեն, շահամոլութենէ տարուած ուսուցանելով բաներ, որ պէտք չէ ուսուցանել։ Իրենցմէ մէկը, որ իրենց կողմէ մարգարէ ճանչցուած էր, ըսած է.– «Կրետացիները մշտական ստախօսներ են, վայրի գազաններու պէս անգործ ու պորտաբոյծ»։ Եւ շատ շիտակ է այս վկայութիւնը։ Այդ պատճառով ալ՝ ամենայն խստութեամբ յանդիմանէ զանոնք, որպէսզի առողջ հաւատքին վերադառնան, փոխանակ հրէական առասպելներու եւ ճշմարտութենէն շեղած մարդոց պատուէրներուն ականջ տալու։ Խղճմտանքով մաքուր մարդուն համար ամէն բան մաքուր է. մինչդեռ պիղծ եւ անհաւատ մարդոց համար չկա՛յ ոեւէ մաքուր բան, որովհետեւ իրենց միտքն ու խիղճը ապականած են։ Կը յայտարարեն՝ թէ կը ճանչնան զԱստուած, բայց իրենց գործերով կ՚ուրանան զայն, քանի որ պիղծ են, անհնազանդ եւ ոեւէ բարի գործի անպէտ։ Սակայն դուն պատուիրէ այն՝ ինչ որ հաւատքի առողջ ուսումը կը պահանջէ։ Ծերերուն պատուիրէ որ զգաստ ըլլան, պարկեշտ ու զուսպ, եւ օրինակ ըլլան թէ՛ հաւատքի, թէ՛ սիրոյ, թէ՛ համբերութեան եւ թէ՛ ժուժկալութեան։ Նոյնպէս, պառաւներուն պատուիրէ որ զգաստ եւ մաքրակենցաղ ըլլան. չըլլան բանսարկու, ո՛չ ալ գինեմոլ, այլ՝ բարեխրատ։ Թող սեփական օրինակով մանկահասակ կիներուն սորվեցնեն՝ իրենց ամուսիններն ու զաւակները սիրել, ըլլալ համեստ, անբիծ, տնաշէն, բարի, եւ իրենց ամուսիններուն հնազանդ, որպէսզի պատճառ չըլլան որ Աստուծոյ խօսքը անարգուի։ Նոյնպէս յորդորէ երիտասարդները որ զուսպ ըլլան ամէն կերպով։ Քու անձովդ բարի գործերու օրինակ եղիր բոլորին, իսկ ուսուցումներովդ օրինակը տուր անկեղծութեան, մաքրութեան եւ պարկեշտութեան։ Միշտ ողջմտութեամբ խօսէ, պարսաւանքի տեղի չտալու համար, որպէսզի ոեւէ հակառակորդ ամօթով մնայ եւ մեր մասին չարախօսելիք բան չունենայ։ Ծառաներուն պատուիրէ որ իրենց տէրերուն հնազանդ ըլլան եւ ամէն ինչով գոհ ձգեն։ Ո՛չ առարկեն, ո՛չ գողնան. այլ՝ ճշմարիտ ու կատարեալ հաւատարմութիւն ցուցաբերեն, որպէսզի ամէն ինչով պատիւ բերեն մեր փրկչին՝ Աստուծոյ Աւետարանին ։ Որովհետեւ Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին։ Այդ շնորհքը մեզ կը մղէ որ անհաւատ կենցաղէ եւ աշխարհիկ ցանկութիւններէ հեռանանք, զգաստութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ, եւ յոյսով սպասենք այն երջանիկ օրուան, երբ մեր մեծ Աստուածն ու փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս իր փառքով պիտի յայտնուի ։ Որովհետեւ Քրիստոս իր անձը տուաւ մեզի համար, որպէսզի մեզ ազատէ մեր բոլոր անօրէնութիւններէն, եւ մեզ մաքրելով՝ իր սեփական ժողովուրդը դարձնէ, բարի գործերու նախանձախնդիր։ Այս բաները սորվեցուր հաւատացեալներուդ։ Քաջալերէ՛ զանոնք եւ ի հարկին յանդիմանէ՝ հեղինակութիւնդ գործածելով, այնպէս՝ որ ոեւէ մէկը քեզ չարհամարհէ։ Յիշեցո՛ւրբոլորին, որհնազանդին ու հպատակին պետական իշխանութիւններուն, եւ պատրաստ ըլլան՝ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու։ Թելադրէ՝ ոեւէ մէկը չանարգել, մարդու հետ չկռուիլ, այլ՝ փափկանկատ ըլլալ եւ կատարեալ ազնուութիւն ցուցաբերել բոլոր մարդոց հանդէպ։ Որովհետեւ ժամանակին մենք ալ անմիտ էինք, Աստուծոյ անհնազանդ, եւ մոլորած։ Պէս–պէս ցանկութեանց եւ անառակ հաճոյքներու գերին դարձած՝ կ՚ապրէինք չարութեամբ ու նախանձով, ատելի էինք ուրիշներուն եւ կ՚ատէինք իրար։ Բայց ապա Աստուած, մեր Փրկիչը, իր քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը յայտնեց եւ մեզ փրկեց, ո՛չ թէ մեր կատարած արդար գործերուն համար, այլ՝ պարզապէս ողորմած ըլլալուն համար։ Մեզի նոր ծնունդ տուաւ մկրտութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մեզ վերանորոգեց։ Աստուած Սուրբ Հոգին առատօրէն մեր վրայ թափեց՝ մեր փրկչին Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որպէսզի Քրիստոսի շնորհքովը արդարացած՝ ժառանգենք յաւիտենական կեանքը, որուն կը յուսանք։ Ստոյգ է ինչ որ կ՚ըսեմ. եւ կ՚ուզեմ որ դուն այս կէտերուն վրայ դնես շեշտը, որպէսզի Աստուծոյ հաւատացողները բարի գործերու հետամուտ ըլլան, որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ մարդոց օգտակարը։ Միւս կողմէ, խուսափէ՛ յիմար վէճերէն, ազգաբանական ցանկերով զբաղելէ, Մովսիսական Օրէնքին շուրջ ստեղծուած բանավէճերէն ու բանակռիւներէն, որովհետեւ անօգուտ են եւ անիմաստ։ Ճշմարտութենէն հեռացած ոեւէ անձ մէկ կամ երկու անգամ խրատելէ ետք՝ երբ տեսնես որ անօգուտ է՝ կապերդ խզէ՛ անոր հետ, գիտնալով որ անիկա մոլորած մըն է եւ մեղքի մէջ կը մնայ՝ ինքզինքին դատապարտութեան պատճառ դառնալով։ Երբ որ Արտեմասը կամ Տիքիկոսը քեզի ղրկեմ, աճապարէ եւ քովս եկուր։ Ես Նիկոպոլիս կը գտնուիմ, եւ մտադրեցի ձմեռը հոս անցընել։ Գալէդ առաջ ջանա՛ ինծի ղրկել Զենասը՝ օրէնսգէտը, եւ Ապոլլոնը. եւ նայէ որ բանի մը պակասը չունենան։ Մերիններն ալ թող սորվին բարի գործերու հետամուտ ըլլալ, որպէսզի անհրաժեշտ կարիքներուն հասնին եւ օգտակար դառնան։ Հետս եղողները բոլորն ալ բարեւներ ունին քեզի։ Դուն ալ մեր բարեւները փոխանցէ անոնց՝ որոնք մեզ կը սիրեն իբրեւ հաւատակից եղբայրներ։ Աստուծոյ շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ես՝ Պօղոս, որ Յիսուս Քրիստոսի համար բանտը կը գտնուիմ, եւ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս, կը գրենք քեզի, սիրելի՛ Փիլիմոն, մեր գործակիցը. նաեւ Ապֆիային, մեր քրոջ, եւ Արքիպպոսին, որ մեր կողքին պայքարեցաւ Աւետարանին համար, եւ քու տունդ հաւաքուող եկեղեցիին ։ Թող մեր Հայրը՝ Աստուած եւ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս շնորհք եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի։ Աղօթքներուս մէջ միշտ կը յիշեմ քեզ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, լսելով քու հաւատքիդ եւ սիրոյդ մասին՝ որ ունիս Տէր Յիսուսի եւ Աստուծոյ բոլոր ընտրեալներուն հանդէպ։ Կ՚ուզեմ նաեւ որ հաւատքէդ թելադրուած բարեգործութիւնը ի գործ դնես, գիտնալով բոլոր այն բարիքները որ ունինք Քրիստոս Յիսուսով։ Իսկապէս շատ ուրախացայ եւ մխիթարուեցայ, լսելով քու ցուցաբերած սիրոյդ մասին, եղբա՛յրս, որովհետեւ լսեցի որ շատ մը հաւատացեալ եղբայրներու սիրտերը հանգստացուցեր ես։ Ատոր համար ալ ամենայն վստահութեամբ կրնայի, որպէս քրիստոնեայ եղբայր, հրամայել քեզի՝ ինչ որ պէտք է. բայց սէրը կը ստիպէ որ աղաչեմ, ես՝ Պօղոսս, որ ծերացած մարդ մըն եմ եւ հիմա բանտը կը գտնուիմ Յիսուս Քրիստոսի համար։ Կ՚աղաչեմ Քրիստոսով իմ զաւակիս՝ Ոնեսիմոսին համար, որուն հոգեւոր հայր եղայ բանտարկուած վիճակովս։ Անցեալին անիկա անօգուտ էր քեզի, մինչ հիմա օգտակար է՝ թէ՛ քեզի եւ թէ՛ ինծի։ Զայն ետ քեզի ղրկեցի, եւ կ՚ուզեմ որ զայն ընդունիս որպէս իմ սրտիս մէկ մասը։ Կ՚ուզէի զինք իմ քովս պահել, որպէսզի քու տեղդ օգնէր ինծի, որքան ատեն որ բանտարկուած կը մնամ Աւետարանին սիրոյն, բայց առանց քու հաւանութեանդ չուզեցի բան մը ընել, որպէսզի ընելիք բարիքդ իմ կողմէս պարտադրուած չըլլայ, այլ՝ քու կամքովդ եղած ըլլայ։ Թերեւս Ոնեսիմոս ժամանակաւոր կերպով բաժնուեցաւ քեզմէ, որպէսզի յաւիտենապէս ունենաս զայն, ո՛չ իբրեւ ստրուկ, այլ՝ ստրուկէն շատ վեր՝ իբրեւ սիրելի եղբայր։ Եթէ ինծի սիրելի է, որքա՜ն աւելի սիրելի պէտք է ըլլայ քեզի, թէ՛ իբրեւ ստրուկ եւ թէ՛ Տիրոջմով իբրեւ եղբայր։ Հետեւաբար, եթէ զիս բարեկամ կը նկատես՝ ընդունէ՛ զայն, այնպէս՝ ինչպէս զիս պիտի ընդունէիր։ Եւ եթէ ոեւէ ձեւով քեզ անիրաւած է կամ ոեւէ բան պարտական է քեզի, իմ հաշւոյս անցուր։ Ահա ես, Պօղոս, իմ ձեռքովս է որ կը գրեմ.– Ես պիտի վճարեմ։ Տակաւին չեմ ըսեր, թէ դուն ալ քու անձդ ինծի կը պարտիս։ Այո՛, եղբայրս, Տիրոջ սիրոյն այս բարիքը ըրէ՛ ինծի։ Հանգստացո՛ւր սիրտս, Քրիստոսի սիրոյն։ Հնազանդութեանդ վստահելով է որ գրեցի քեզի, որովհետեւ գիտեմ թէ ըսածս աւելիով պիտի ընես։ Միեւնոյն ատեն ինծի ալ տեղ պատրաստէ, որովհետեւ յոյս ունիմ որ Աստուած ձեր աղօթքներուն շնորհիւ զիս դարձեալ կը պարգեւէ ձեզի։ Քեզի բարեւ ունի Եպաֆրասը, որ Քրիստոս Յիսուսի համար բանտարկուած է ինծի հետ։ Նոյնպէս քեզի բարեւներ ունին միւս գործակիցներս՝ Մարկոսը, Արիստարքոսը, Դեմասը եւ Ղուկասը։ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։ Անցեալին բազմաթիւ անգամներ եւ բազմաթիւ կերպերով Աստուած մեր հայրերուն խօսեցաւ մարգարէներուն միջոցաւ, իսկ այս վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ իր Որդիին միջոցաւ։ Աստուած զինք ամէն բանի ժառանգորդ կարգեց եւ անոր միջոցաւ էր որ տիեզերքը ստեղծեց։ Որդին, Հօրը փառքին լոյսը եւ անոր էութեան ճշգրիտ պատկերը, որ իր խօսքին զօրութեամբ տիեզերքը կը պահէ, իր անձով մեր մեղքերը սրբելէ ետք՝ երկինքի մէջ նստաւ Աստուծոյ՝ Գերագոյն Զօրութեան, աջ կողմը։ Անիկա շատ աւելի բարձր է հրեշտակներէն, ինչպէս Աստուծմէ իրեն տրուած գերազանց անունը ցոյց կու տայ. որովհետեւ ո՞ր մէկ հրեշտակին երբեւիցէ Աստուած ըսաւ. «Դուն իմ որդիս ես, այսօր քեզ ծնայ»։ Կամ ո՞ր մէկ հրեշտակինըսաւ. «Ես անոր հայր պիտի ըլլամ եւ անիկա՝ ինծի որդի»։ Դարձեալ, երբ իր անդրանիկ Որդին աշխարհ կը ղրկէր, ըսաւ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակները թող պաշտեն զայն»։ Աստուած իր հրեշտակներուն մասին խօսած ատեն՝ կ՚ըսէ.– «Աստուած իր հրեշտակները ստեղծեց որպէս պատգամաւոր հոգիներ, եւ իրեն ծառայողները՝ կրակի բոցի պէս»։ Մինչդեռ Որդիին կ՚ըսէ.– «Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտենական է. արդարութեամբ կ՚իշխես թագաւորութեանդ վրայ։ Արդարութիւնըկը սիրես եւ անիրաւութիւնը կ՚ատես։ Ահա թէ ինչու, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ ուրախութեան իւղով օծեց քեզ, քու ընկերներէդ աւելի»։ Դարձեալ, ուրիշ տեղ մը Որդիին կ՚ըսէ.– «Դուն, ո՛վ Տէր, սկիզբէն ստեղծեցիր երկիրը։ եւ երկինքը քու ձեռագործդ է։ Անոնք պիտի կորսուին. բայց դուն կաս եւ կը մնաս։ Անոնք հագուստի պէս պիտի մաշին. վերարկուի մը պէս պիտի ծալլես զանոնք եւ հագուստի մը պէս փոխես։ Բայց դուն միշտ նոյնն ես եւ քու տարիներդ վերջ պիտի չունենան»։ Բայց հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք.– «Աջ կողմս նստէ, մինչեւ թշնամիներդ ոտքերուդ տակ դնեմ որպէս պատուանդան»։ Չէ՞ որ հրեշտակները Աստուծոյ ծառայող հոգիներ են եւ իր կողմէ կը ղրկուին օգնելու համար անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն։ Այս պատճառով ալ, պէտք է շատ աւելի ուշադիր ըլլանք վերեւ ըսուածներուն, որպէսզի չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանանք։ Որովհետեւ՝ եթէ հրեշտակներու ձեռքով տրուած պատգամը անխախտելի օրէնք նկատուեցաւ, եւ անոր դէմ գործուած ոեւէ յանցանք կամ անհնազանդութիւն իր արդար պատիժը ստացաւ, ի՞նչպէս մենք կրնանք պատիժէ զերծ մնալ, եթէ կարեւորութեամբ նկատի չառնենք այն մեծ փրկութիւնը, որուն մասին նախ Տէրը ինք խօսեցաւ եւ որուն վկայութիւնը մեզի տուին զայն իրմէ լսողները։ Աստուած ինք ալ այդ փրկութեան իր վկայութիւնը տուաւ՝ նշաններով ու հրաշքներով, բազմատեսակ սքանչելիքներով եւ Սուրբ Հոգիին պարգեւներովը, ինչպէս որ ինք կամեցաւ։ Արդարեւ, Աստուած հրեշտակներուն իշխանութեան չենթարկեց գալիք աշխարհը, որուն մասին կը խօսինք։ Այդ մասին սաղմոսագիրը տեղ մը կ՚ըսէ.– «Ի՞նչէ մարդը, որ կը յիշես զայն. ի՞նչ է մարդ արարածը, որ հոգածութիւն ցոյց կու տաս անոր։ Զայն հրեշտակներէն քիչ մը վար դասեցիր, փառքով ու պատուով զայն պսակեցիր։ Քու բոլոր ստեղծածներուդ վերակացու կարգեցիր զայն, եւ ամէն ինչ անոր իշխանութեան ենթարկեցիր»։ Արդ, «ամէն ինչ անոր իշխանութեան ենթարկեց» ըսելով կը հասկնայ՝ թէ չմնաց բան մը որ անոր չենթարկուեցաւ։ Բայց ներկայիս մենք ամէն ինչ մարդուն ենթարկուած չենք տեսներ տակաւին։ Մինչդեռ «փառքով ու պատուով» պսակուած կը տեսնենք Յիսուսը, որ «հրեշտակներէն քիչ մը վար» դասուեցաւ՝ մահուան չարչարանքը յանձն առնելու համար, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքով բոլոր մարդոց փոխարէն մահը ճաշակէ։ Որովհետեւ Աստուած, որ իրեն համար ստեղծեց եւ իրմով կը պահէ ամէն ինչ, իր բոլոր որդիները մասնակից դարձնելու համար իր փառքին՝ յարմար գտաւ, որ զանոնք փրկութեան առաջնորդողը՝ Յիսուս ի՛նք օրինակը տայ չարչարանքներէն անցնելով կատարելութեան հասնելու։ Արդ, քանի որ թէ՛ Քրիստոս, որ մարդիկը իրենց մեղքերէն կը սրբէ, եւ թէ՛ սրբուողները՝ նոյն մէկ Հօր զաւակներն են, Քրիստոս ամօթ չի համարեր իր «եղբայրները» կոչել զանոնք. այլ՝ խօսքը Աստուծոյ ուղղելով՝ կ՚ըսէ.– «Իմ եղբայրներուս պիտի պատմեմ քու մասիդ. քու ժողովուրդիդ հաւաքոյթին մէջ պիտի օրհներգեմ քեզ»։ Իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ես Աստուծոյ պիտի վստահիմ», եւ անմիջապէս կ՚աւելցնէ. «Ահաւասիկ ես եւ այն զաւակները, որ Աստուած ինծի տուաւ»։ Արդ, քանի որ այս զաւակները մարդիկ են, մարմինով ու արիւնով, Քրիստոս ինքն ալ անոնց նման եղաւ, հաղորդակից՝ անոնց մարդկութեան, որպէսզի իր մահով ոչնչացնէ Սատանան, որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, եւ ազատագրէ անոնք՝ որոնք իրենց ամբողջ կեանքը մահուան վախովը կ՚անցընէին, ստրուկներու պէս։ Շատ յստակ է, որ այս ազատագրութիւնը հրեշտակներուն չի վերաբերիր, այլ՝ Աբրահամի զաւակներուն։ Ահա թէ ինչու՝ նաեւ Քրիստոս ամէն ինչով պէտք էր իր «եղբայր» ներուն նման ըլլար, որպէսզի կարենար ողորմած եւ վստահելի քահանայապետ մը ըլլալ Աստուծոյ քով, Աստուծոյ ժողովուրդին մեղքերը քաւելու համար։ Եւ որովհետեւ ինք չարչարուելով փորձուեցաւ, կրնայ օգնել փորձութեան մէջ եղողներուն։ Ուստի, Աստուծոյ նուիրուած եղբայրներ, դուք՝ որ իրմով կոչուած էք երկինքի թագաւորութեան մաս կազմելու, նայեցէ՛ք Յիսուսի, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուեցաւ՝ Քահանայապետ ըլլալու եւ մեր հաւատքի խոստովանութիւնը Աստուծոյ մատուցանելու համար։ Անիկա հաւատարիմ եղաւ զինք այդ պաշտօնին կոչող Աստուծոյ, ճիշդ ինչպէս Սուրբ գիրքը Մովսէսի համար կ՚ըսէ, թէ՝ «Հաւատարիմ էր Աստուծոյ ամբողջ տանը մէջ»։ Արդ, ինչպէս տունի մը պարագային՝ տունէն աւելի զայն շինողին կ՚երթայ պատիւը, այնպէս ալ Մովսէսէն շատ աւելի պատիւի արժանի է Յիսուս։ Անշուշտ ոեւէ տուն մէկու մը կողմէ կը շինուի. իսկ ամէն ինչ շինողը Աստուած է։ Որովհետեւ Մովսէս ինք «Հաւատարիմ էր Աստուծոյ ամբողջ տանը մէջ», իբրեւ վերակացու ծառայ մը՝ որուն պաշտօնն էր Աստուծոյ խօսելիքները ժողովուրդին յայտնել. մինչդեռ Քրիստոս հաւատարիմ է իբրեւ Որդի՝ իր սեփական տան վրայ։ Իսկ իր տունը մե՛նք ենք, եթէ մինչեւ վերջ անխախտ պահենք մեր վստահութիւնը եւ մեր յոյսը, որով կը պարծենանք։ Ահա թէ ինչու, ինչպէս որ կ՚ըսէ Սուրբ Հոգին.– «Այսօր երբ կը լսէք Աստուծոյ ձայնը, ձեր սիրտերը մի՛ փակէք ձեր հայրերուն պէս, որոնք իրեն դէմ ըմբոստացան փորձութեան ժամանակին, անապատին մէջ։ Այնտեղ ձեր հայրերը զիս փորձեցին,– կ՚ըսէ Աստուած,– փորձի ենթարկեցին զիս, տեսնելով հանդերձ իմ գործերս։ Քառասուն տարիներ շարունակ այդ սերունդը զզուեցուց զիս, եւ ես ըսի.– Իրենց միտքը միշտ հեռու է ինձմէ, երբեք չուզեցին իմ ճամբաներս ճանչնալ։ Այնպէս որ, բարկութեանս մէջ երդում ըրի՝ ըսելով. “Երբեք պիտի չմտնեն այն երկիրը ուր հանգիստ մը պատրաստած եմ իրենց համար”»։ Զգուշացէ՛ք, եղբայրներ, չըլլա՛յ որ ձեզմէ ոեւէ մէկը սիրտով չարանայ եւ անհաւատութեամբ մերժէ ճանչնալ զԱստուած, կեանքի աղբիւրը։ Այլ, որքան ատեն որ Սուրբ գիրքին ըսած «Այսօր» ը ձեզի եւս կը վերաբերի՝ յորդորեցէ՛ք իրար ամէն օր, որպէսզի ոեւէ մէկը մեղքերէ տարուելով իր սիրտը չփակէ Աստուծոյ դիմաց. որովհետեւ այլեւս Քրիստոսի մաս կը կազմենք, եթէ մինչեւ վերջ անխախտ պահենք սկիզբէն մեր ձեռք բերած վստահութիւնը։ Ահա թէ ինչու՝ կ՚ըսէ.– «Այսօր երբ կը լսէք Աստուծոյ ձայնը, ձեր սիրտերը մի՛ փակէք, ինչպէս անցեալին անոր դէմ ըմբոստացաք»։ Որո՞նք էին որ Աստուծոյ ձայնը լսեցին բայց ըմբոստացան անոր դէմ. Մովսէսի առաջնորդութեամբ Եգիպտոսէն ելած ձեր հայրերը չէի՞ն։ Աստուած որմէ՞ զզուեցաւ քառասուն տարիներ շարունակ. անոնցմէ չէ՞ր, որոնք յանցանք գործեցին իր դէմ եւ որոնց ոսկորները տարտղնուեցան անապատին մէջ։ Որո՞նց համար երդում ըրաւ, որ պիտի չմտնեն այն երկիրը՝ ուր իրենց հանգիստ մը պատրաստած էր, եթէ ոչ անոնց՝ որոնք անհնազանդ գտնուեցան իրեն։ Եւ կը տեսնենք որ իրապէս չկրցան մտնել, իրենց անհաւատարմութեան պատճառով։ Հետեւաբար, մինչ Աստուծոյ կողմէ՝ իր պատրաստած հանգիստը մտնելու խոստումը ի զօրու կը մնայ, չափազանց զգոյշ ըլլանք որ ոեւէ մէկը անկէ չզրկուի։ Որովհետեւ մեզի՛ եւս այդ աւետիսը տրուած է, ճիշդ ինչպէս անապատին մէջ եղողներուն տրուեցաւ։ Բայց աւետիսը լսելը օգուտ չըրաւ անոնց, որովհետեւ հաւատքով չկապուեցան իրենց լսածին։ Սակայն մենք, հաւատացողներս, պիտի մտնենք հանգիստը, որուն մասին Աստուած ըսաւ.– «Այնպէս որ, բարկութեանս մէջ երդում ըրի՝ ըսելով. “Երբեք պիտի չմտնեն այն երկիրը ուր հանգիստ մը պատրաստած եմ իրենց համար”»։ Այսպէս ըսաւ, հակառակ անոր՝ որ իր գործերը աւարտած էր ստեղծագործութեան ատենէն։ Որովհետեւ Սուրբ գիրքերուն մէջ տեղ մը եօթներորդ օրուան համար կ՚ըսէ. «Եւ եօթներորդ օրը Աստուած իր բոլոր գործերը աւարտելէ ետք՝ հանգչեցաւ»։ Իսկ այստեղ դարձեալ կ՚ըսէ. «Երբեք պիտի չմտնեն այն երկիրը ուր հանգիստ մը պատրաստած եմ իրենց համար»։ Արդ, որովհետեւ այդ աւետիսը առաջին լսողները Աստուծոյ պատրաստած հանգիստին չհասան, իրենց անհնազանդութեան պատճառով, եւ քանի դեռ ի զօրու կը մնայ այդ հանգիստը պարգեւելու խոստումը, Աստուած ուրի՛շ օր մը կը սահմանէ, եւ ատիկա կ՚արտայայտէ՝ երբ Դաւիթի բերնով «Այսօր» ըսելով կը խօսի այնքան ժամանակ ետք, այն խօսքին մէջ՝ որ վերեւ մէջբերուեցաւ.– «Այսօր երբ կը լսէք Աստուծոյ ձայնը, ձեր սիրտերը մի՛ փակէք»։ Արդարեւ, եթէ Յեսու զիրենք խոստացուած հանգիստին հասցուցած ըլլար՝ Աստուած անկէ ետք այլեւս ուրիշ օրուան մասին պիտի չխօսէր։ Հետեւաբար, դեռ ուրիշ «հանգիստի օր» մը կայ, որ Աստուծոյ ժողովուրդին կը սպասէ։ Որովհետեւ Աստուծոյ պատրաստած հանգիստին հասնողը անոր օրինակով պիտի հանգչի իր գործերը աւարտելէ ետք, ինչպէս Աստուած ալ իր բոլոր գործերը աւարտելէ ետք «հանգչեցաւ»։ Ուստի փութանք այդ հանգիստին հասնելու, որպէսզի ոեւէ մէկը անկէ չզրկուի, ինչպէս եղաւ՝ անհնազանդ այդ սերունդը։ Որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը կենդանի է եւ ազդու, աւելի հատու՝ քան ոեւէ երկսայրի սուր, եւ կը թափանցէ մարդուս շունչին ու հոգիին մէջ, մինչեւ ողն ու ծուծը, եւ կը քննէ մտածումներն ու սրտին խորհուրդները։ Եւ չկայ արարած մը որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի։ Անիկա պարզ ու յստակ կը տեսնէ ամէն ինչ, իրենց ամբողջ մերկութեամբ։ Եւ անոր է որ հաշիւ պիտի տանք։ Հետեւաբար ամուր պահենք մեր դաւանած հաւատքը, որովհետեւ հիմա երկինքի սրբարանը մտած մեծ Քահանայապետ մը ունինք, Յիսուսը, Աստուծոյ Որդին։ Քահանայապետ մը, որ կրնայ հասկնալ մեր տկարութիւնները եւ կարեկցիլ, քանի ի՛նչ բաներով որ մենք կը փորձուինք՝ ինք եւս փորձուած է, առանց սակայն մեղանչելու։ Ուստի համարձակօրէն մօտենանք Աստուծոյ շնորհքի աթոռին, ողորմութիւն գտնելու եւ շնորհք ստանալու համար, որպէսզի անոնք մեզի օգնեն անհրաժեշտութեան պարագային։ Արդարեւ, ամէն քահանայապետ, որ մարդոց մէջէն կ՚ընտրուի, պաշտօն ունի՝ մարդոց կողմէ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու եւ անոնց մեղքերուն համար նուէրներ եւ զոհեր մատուցանելու։ Եւ որովհետեւ ինք ալ մարդ է, կրնայ հասկնալ մարդոց տգիտութիւնն ու փորձութիւնները եւ կարեկցիլ անոնց, քանի ինք եւս նոյն տկարութիւնները ունի։ Ատոր համար է, որ ինչպէս ժողովուրդին՝ այնպէս ալ իր սեփական մեղքերուն համար պէտք է զոհեր մատուցանէ։ Գիտէք նաեւ, թէ ոեւէ մէկը չի՛ կրնար ինքն իրեն քահանայապետութեան պատիւը առնել, այլ՝ Աստուած է որ զայն այդ պաշտօնին կը կանչէ, ճիշդ ինչպէս Ահարոն կոչուեցաւ։ Նոյնպէս ալ Քրիստոս, ինքն իրեն չառաւ քահանայապետութեան պատիւը, այլ՝ զայն ստացաւ Աստուծմէ, որ իրեն ըսաւ. «Դուն իմ Որդիս ես. այսօ՛ր քեզ ծնայ», իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես, Մելքիսեդեկ քահանային պէս»։ Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, Յիսուս մեծ աղաղակով ու արցունքով աղօթեց եւ աղաչեց Աստուծոյ, որ կրնար զինք մահուընէ փրկել։ Եւ Աստուած զինք լսեց, որովհետեւ խոնարհ էր ան եւ հնազանդ։ Թէպէտ Աստուածորդի էր, բայց իր չարչարանքներու փորձառութեամբ սորվեցաւ՝ թէ ի՛նչ բան է հնազանդութիւնը։ Եւ այսպէս, կատարեալ ըլլալէ ետք, յաւիտենական փրկութեան պատճառ եղաւ բոլոր անոնց համար՝ որոնք իրեն կը հնազանդին, քանի Աստուած զինք քահանայապետութեան կոչած էր, Մելքիսեդեկ քահանային պէս։ Այդ մասին մենք շատ ըսելիք ունինք, բայց կը դժուարանանք զանոնք բառերով բացատրելու, որովհետեւ ձեր ականջներն ու միտքերը բթացեր են։ Արդարեւ՝ դուք պէտք էր ուրիշներո՛ւն ուսուցանէիք մինչեւ հիմա, մինչդեռ դո՛ւք կրկին պէտք ունիք Աստուծոյ պատգամներուն ամենատարրական դասերը սորվելու։ Այլ խօսքով, կարծր կերակուրի տեղ՝ տակաւին կաթի կը կարօտիք։ Որովհետեւ ով որ կաթնկեր է՝ կը նշանակէ թէ մանուկ է, եւ անձնական փորձով չի՛ գիտեր շիտակը սխալէն զանազանել։ Մինչդեռ կարծր կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնք վարժութեան ճամբով կրթած են չարն ու բարին զանազանելու իրենց զգայարանքը։ Ուստի, քրիստոնէականհաւատքինախագիտելիքները ձգելով՝ գանք չափահասներու յատուկ գիտելիքներուն։ Չենք ուզեր վերստին խօսիլ այն հիմնական գիտելիքներուն մասին, որոնք կը վերաբերին՝ մեռելական գործերէ ապաշխարելուն եւ Աստուծոյ հաւատալուն, քրիստոնէական դաստիարակութեամբ մկրտուելուն, ձեռնադրութեան, մեռելներու յարութեան եւ յաւիտենական դատաստանին ։ Այլ, Աստուծոյ թոյլտուութեամբ, կ՚անցնինք չափահասներու յատուկ ուսուցումներուն։ Արդ, անոնք՝ որ անգամ մը լուսաւորուելով մկրտուելէ, երկնային պարգեւները վայելելէ, Սուրբ Հոգիին հաղորդակից դառնալէ, Աստուծոյ բարի խօսքը ճաշակելէ եւ հանդերձեալ աշխարհի սքանչելիքներուն նախաճաշակը առնելէ ետք՝ իրենց հաւատքը կը լքեն, այդպիսիները կարելի չէ երկրորդ անգամ ապաշխարութեան բերել։ Անկարելի է ատիկա, որովհետեւ այդ ձեւով իրենք իրենց համար վերստին խաչը կը հանեն Աստուծոյ Որդին, զայն հրապարակաւ խայտառակ ընելով։ Արդարեւ, այն հողը որ իր վրայ տեղացած անձրեւները կ՚ըմպէ եւ օգտակար բերք կու տայ զինք մշակողներուն՝ Աստուծմէ օրհնութիւն կը ստանայ։ Իսկ այն հողը որ փուշ եւ տատասկ կը բուսցնէ՝ անպէտ է եւ անէծքի ենթակայ, եւ սահմանուած է այրուելու։ Սակայն, այս բաները ըսելով հանդերձ, ես վստահ եմ որ դուք, սիրելինե՛ր, լաւագոյն ճամբուն մէջ էք, որ փրկութեան կ՚առաջնորդէ։ Աստուած անարդար չէ. չի մոռնար ձեր գործերը եւ այն սէրը՝ որ իր անունով ցուցաբերեցիք՝ ձեր քրիստոնեայ եղբայրներուն օգտակար ըլլալով, ինչպէս կը շարունակէք մինչեւ հիմա։ Եւ մենք կը փափաքինք որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը մինչեւ վերջ շարունակէ նոյն փութաջանութիւնը ցուցաբերել, որպէսզի ձեր յոյսը միշտ հաստատուն մնայ։ Չենք ուզեր որ թուլնաք. այլ նմանեցէք անոնց՝ որոնք հաւատքով եւ համբերութեամբ կը փորձեն Աստուծոյ խոստումը ժառանգել։ Երբ Աստուած այդ խոստումը կ՚ընէր Աբրահամին, քանի որ չկար իրմէ գերիվեր մէկը՝ որպէսզի անոր վրայ երդում ընէր՝ ինքն իր անձին վրայ երդում ըրաւ, ըսելով. «Ճշմարիտ որ մեծապէս պիտի օրհնեմ քեզ եւ անսահմանօրէն պիտի բազմացնեմ քու սերունդներդ»։ Եւ Աբրահամ համբերութեամբ սպասեց, եւ այդպէս ալ ստացաւ Աստուծոյ խոստացածը։ Մարդիկ իրենցմէ վեր բաներու վրայ երդում կ՚ընեն, եւ երդումը կը գործածեն իբրեւ ապահովութիւն տալու կերպ՝ իրենց վէճերուն վերջ դնելու համար։ Ատոր համար, Աստուած ինք ալ երդումը օգտագործեց՝ իր խոստումին ժառանգորդներուն յստակօրէն ցոյց տալու համար իր որոշումին անփոփոխելի ըլլալը։ Աստուած այս երկու բաները, խոստումն ու երդումը, որոնք անփոփոխելի են եւ որոնց կապակցութեամբ անկարելի է որ ստէ, տուաւ՝ որպէսզի մենք որ իրեն ապաւինեցանք՝ մեծապէս քաջալերուինք եւ մեզի տրուած յոյսին կառչինք։ Այդ յոյսը մեր խարիսխն է, ապահով եւ անշարժ, որ կը մտնէ երկնաւոր տաճարի վարագոյրէն ներս, ներքին Սրբարանը, ուր Յիսուս մտաւ մեզմէ առաջ եւ մեզի համար, եւ յաւիտենական Քահանայապետ եղաւ, Մելքիսեդեկին պէս։ Այս «Մելքիսեդեկը Սաղէմի թագաւորն էր եւ բարձրեալ Աստուծոյ քահանան, որ Աբրահամը դիմաւորելու ելաւ, երբ անիկա պատերազմէն կը վերադառնար, թագաւորները պարտութեան մատնելէ ետք. եւ Մելքիսեդեկ օրհնեց Աբրահամը։ Իսկ Աբրահամ իր ամբողջ աւարին մէկ տասներորդը անոր տուաւ»։ Նախ, Մելքիսեդեկ անունը կը նշանակէ՝ արդարութեան թագաւոր։ Երկրորդ, Թագաւոր Սաղէմի՝ կը նշանակէ թագաւոր խաղաղութեան։ Մելքիսեդեկի ո՛չ հայրը յայտնի է, ո՛չ մայրը եւ ո՛չ ալ ծագումը. իր կեանքին ո՛չ սկիզբը գիտենք եւ ո՛չ ալ վախճանը։ Նման է Աստուծոյ Որդիին. մշտնջենական քահանայ է։ Արդ, տեսէք թէ ինչպիսի՛ մեծ մէկն էր Մելքիսեդեկը, որուն Աբրահամ նահապետ պատերազմական աւարէն տասանորդ տուաւ։ Գիտենք, թէ Ղեւիի որդիներէն անոնք որ քահանայական պաշտօնը կ՚առնեն՝հրահանգ ունին Օրէնքին համաձայն տասանորդ առնելու ժողովուրդէն, այսինքն իրենց ազգակիցներէն, թէպէտեւ ասոնք ալ Աբրահամի զաւակներն են։ Մելքիսեդեկ Ղեւիի սերունդէն չըլլալով հանդերձ՝ տասանորդ առաւ եւ օրհնեց Աբրահամը, որ Աստուծմէ խոստումները ստացած էր։ Եւ կասկած չկայ որ օրհնողը շատ աւելի բարձր է քան օրհնուողը։ Տակաւին, Ղեւտացի քահանաները, որոնք տասանորդ կ՚առնեն, մահկանացու մարդիկ են. մինչդեռ Մելիքսեդեկի համար կը վկայուի՝ թէ միշտ կենդանի է։ Եւ, ինչպէս կարելի է ըսել, Աբրահամի միջոցաւ՝ Ղեւի եւս, որուն զաւակները տասանորդ կ՚առնեն, տասանորդ տուած եղաւ Մելքիսեդեկի, որովհետեւ տակաւին իր նախահօրը սերմին մէջ էր, երբ Մելքիսեդեկ Աբրահամը դիմաւորելու ելաւ։ Գիտենք, թէ Ղեւտացիներու քահանայութիւնն էր հիմը սրբութեան այն օրէնքին, որ Իսրայէլի ժողովուրդին տրուեցաւ։ Արդ, եթէ կարելի ըլլար այդ քահանայութեան միջոցաւ կատարելութեան հասնիլ, Աստուած ի՞նչ պէտք պիտի ունենար նոր քահանայապետ մը տալու Մելքիսեդեկի օրինակով եւ ոչ՝ Ահարոնի քահանայութեան շարունակութենէն։ Միւս կողմէ, քահանայութեան փոխուելուն հետ սրբութեան օրէնքն ալ պէտք էր փոխուէր. որովհետեւ Քրիստոս, որուն մասին կը խօսուի, կը պատկանէր ուրիշ ցեղի մը, որուն անդամներէն ո՛չ մէկը քահանայութեան պաշտօնը ստանձնեց երբեւիցէ։ Արդ, յայտնի է՝ թէ մեր Տէրը Յուդայի ցեղէն էր, մինչդեռ այդ ցեղէն գալիք քահանայութեան մը մասին Մովսէս ոեւէ բան չըսաւ։ Փոփոխութիւնը աւելի բացորոշ է անով՝ որ կը յայտնուի քահանայ մը որ Մելքիսեդեկի նման է. այսինքն՝ մարմնաւոր կեանքի յատուկ օրէնքներու եւ կարգերու համաձայն չէ՛ որ քահանայ եղած է, այլ՝ յաւիտենական կեանքի մէջ ի զօրու եղող օրէնքով։ Անոր մասին վկայեց Սուրբ գիրքը, ըսելով. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես, Մելքիսեդեկին պէս»։ Բացայայտ է, թէ նախկին պատուիրանը մէկդի կը դրուի, անզօր եւ անօգուտ ըլլալուն համար, որովհետեւ Օրէնքը չկրցաւ ոեւէ բան կատարելութեան հասցնել. եւ հիմա մեզի տրուեցաւ աւելի լաւ յոյս մը, որով Աստուծոյ կը մօտենանք։ Աւելին, այս նոր քահանայութիւնը երդումով տրուեցաւ, մինչդեռ միւսներուն քահանայութիւնը երդումով տրուած չէ։ Քրիստոս քահանայ եղաւ Աստուծոյ երդումով, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Տէրը անդառնալի երդում ըրաւ, ըսելով. “Դուն յաւիտեան քահանայ ես”»։ Եւ այսպէս, Յիսուս գերազանց ուխտի մը երաշխաւորը եղաւ։ Ի վերջոյ, միւս քահանաները թիւով շատ կ՚ըլլային, որպէսզի մէկուն կամ միւսին մահով՝ քահանայութիւնը չընդհատուէր։ Բայց որովհետեւ Յիսուս յաւիտեան կ՚ապրի, իր քահանայութիւնն ալ անվախճան է։ Ուստի նաեւ կրնայ վերջնականապէս փրկել անոնք՝ որոնք իր միջոցաւ Աստուծոյ կու գան, որովհետեւ միշտ կենդանի ըլլալով՝ տեւաբար բարեխօս կ՚ըլլայ անոնց համար։ Արդարեւ այսպիսի Քահանայապետ մը պէտք է մեզի.– սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած եւ երկինքներէն աւելի վեր բարձրացած։ Քահանայապետ մը, որամէն օր զոհեր մատուցանելու պէտք չունի միւս քահանայապետներուն պէս, որոնք նախ իրենց եւ ապա ժողովուրդին մեղքերուն համար զոհեր կը մատուցանեն։ Որովհետեւ Քրիստոս միայն մէկ անգամ ինքզինքը ընծայեց իբրեւ յաւերժական զոհ։ Արդարեւ, Օրէնքը կը կարգէ քահանայապետներ, որոնք իբրեւ մարդիկ՝ անկատար են. մինչդեռ աստուածային երդումով տրուած խոստումը, որ Օրէնքէն աւելի ետք տրուեցաւ, Քահանայապետ կը կարգէ Որդին, որ այլեւս յաւիտենապէս կատարեալ է։ Վերեւ ըսածներուս միտք բանինսաէ, որմենք ունինք այնպիսի Քահանայապետ մը, որ ամենազօր Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստած է, երկինքի մէջ, իբրեւ պաշտօնեայ՝ երկնաւոր Սրբարանին, այսինքն այն ճշմարիտ խորանին՝ որ Տիրոջ ձեռքով կանգնուած է եւ ո՛չ թէ մարդոց։ Արդարեւ, ոեւէ քահանայապետ զոհեր եւ նուէրներ մատուցանելու համար կարգուած է. ուստի Քրիստոս ինք ալ պէտք էր մատուցանելիք մը ունենար։ Եթէ երկրի վրայ ըլլար՝ թերեւս քահանայ իսկ չէր ըլլար, որովհետեւ արդէն կային քահանաներ, որոնք Աստուծոյ Օրէնքին համաձայն նուէրներ կը մատուցանէին։ Սակայն երկրաւոր քահանաները երկնաւոր իրականութեանց օրինակով եւ անոնց մօտաւոր նմանութեամբ կը կատարէին պաշտամունքը, ինչպէս որ Աստուած Մովսէսի հրահանգեց, երբ անիկա վկայութեան խորանը պիտի շինէր. «Տե՛ս,– ըսաւ Աստուած,– ամէն ինչ շինէ ճիշդ այն օրինակով, որ քեզի ցոյց տուի լերան վրայ»։ Մինչդեռ հիմա Յիսուս շատ աւելի գերազանց քահանայութեան մը հասաւ, քանի միջնորդը եղաւ գերազանց ուխտի մը, որ իբրեւ օրէնք՝ շատ աւելի լաւ խոստումներու վրայ հաստատուած է։ Եթէ առաջին Ուխտը անթերի ըլլար, երկրորդ մը պէտք պիտի չըլլար։ Բայց Աստուած կը մեղադրէ իր ժողովուրդը, եւ կ՚ըսէ.– «Ահաւասիկ կը մօտենան օրերը,– կ՚ըսէ Տէրը,– երբ նոր ուխտ մը պիտի կնքեմ Իսրայէլի ժողովուրդին եւ Յուդայի ժողովուրդին հետ։ Ատիկա պիտի չըլլա՛յ այն Ուխտին պէս, որ իրենց հայրերուն հետ կնքեցի այն օրը, երբ իրենց ձեռքէն բռնած՝ դուրս հպնեցի Եգիատոսէն. որովհետեւ հաւատարիմ չմնացին իմ Ուխտիս, եւ ես երեսի վրայ թողուցի զիրենք»,– կ՚ըսէ Տէրը։ «Արդ, հետեւեալն է Ուխտը, որ Իսրայէլի հետ պիտի կնքեմ գալիք օրերուն,– կ՚ըսէ Տէրը.– իրենց միտքերուն մէջ պիտի դրոշմեմ իմ օրէնքներս, իրենց սիրտերուն վրայ պիտի գրեմ զանոնք. ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ, եւ իրենք՝ իմ ժողովուրդս։ Ա՛լ ոեւէ մէկը պէտք պիտի չունենայ իր ընկերոջ սորվեցնելու. ոեւէ մէկը պէտք պիտի չունենայ իր եղբօրը ըսելու՝ “Տէրը ճանչցիր”. որովհետեւ փոքրէն մինչեւ մեծ՝ ամէնքն ալ զիս պիտի ճանչնան։ Եւ ես պիտի քաւեմ իրենց անիրաւութիւնները, ա՛լպիտիչյիշեմ իրենց մեղքերն ու անօրէնութիւնները»։ Արդ, Նոր Ուխտի մը մասին խօսելով՝ այլեւս հինցած կը նկատէ առաջինը. իսկ ինչ որ հինցած է ու ժամանակավրէպ՝ կ՚անհետանայ։ Արդարեւ, առաջին Ուխտը եւս իրեն յատուկ պաշտամունքի կանոններ եւ երկրաւոր սրբարան մը ունէր, երկու մասերէ բաղկացած։ Նախ կար վրանին առաջին սրահը, Սրբութիւն կոչուած, ուր կային աշտանակը եւ առաջաւորութեան հացերուն սեղանը։ Ապա, երկրորդ վարագոյրին ետին՝ կար վրանին միւս սրահը, Սրբութիւն Սրբութեանց կոչուածը, ուր կային ոսկեայ սեղանը՝ խունկ ծխելու համար եւ Ուխտի Տապանակը՝ ներսէն ու դուրսէն ոսկեպատ։ Այս Տապանակին մէջ կը պահուէին մանանայով լեցուն ոսկեայ սափորը, Ահարոնի ծաղկած գաւազանը եւ Ուխտի տասնաբանեայ պատուիրաններուն քարէ տախտակները։ Տապանակին վրայ կային Աստուծոյ փառքը ներկայացնող քերովբէները, որոնք իրենց թեւերով հովանի կ՚ընէին Քաւութիւն կոչուած կափարիչին վրայ։ Ուրիշ մանրամասնութիւններու մասին խօսիլ չեմ ուզեր հիմա։ Սրբարանը այդպէս յարդարուած էր ուրեմն։ Քահանաներ պաշտամունքը կատարելու համար մշտականօրէն կը մտնէին վրանին առաջին սրահը։ Բայց երկրորդ սրահը միայն քահանայապետը կը մտնէր, տարին մէկ անգամ, այն ալ՝ իր եւ ժողովուրդին անգիտութեամբ գործած մեղքերուն փոխարէն՝ զոհի արիւնը մատուցանելու համար Աստուծոյ։ Այդ բոլորով Սուրբ Հոգին ցոյց կու տար, թէ որքան ատեն որ վրանին առաջին սրահը կանգուն կը մնար՝ բուն Սրբարանին մուտքը մեր առջեւ փակ էր, ինչ որ խորհրդանշականօրէն կը ցուցնէ՝ թէ ներկայիս այդ Սրբարանը բաց է մեր առջեւ։ Այնտեղ մատուցուած նուէրներն ու զոհերը չէին կրնար մաքրել պաշտամունքը մատուցանողին խղճմտանքը, որովհետեւ միայն ուտելիքի, խմելիքի եւ ծիսական պէսպէս լուացումներու կապուած էին։ Եւ այդ մարմնականկարգերը ի զօրու էին մինչեւ ուղղութեան, այսինքն նոր կարգերու հաստատման ժամանակը։ Բայց երբ Քրիստոս եկաւ, որպէս գալիք նոր կարգերուն Քահանայապետը, մտաւ մեծ, կատարեալ խորանը, որ մարդկային ձեռքերով չէ շինուած. այսինքն՝ այս նիւթեղէն աշխարհին մաս չի կազմեր։ Անիկա միանգամընդմիշտ մտաւ Սրբարանը, ո՛չ թէ նոխազներու եւ ցուլերու արիւնով, այլ՝ ի՛ր իսկ սեփական արիւնով, անով մեզի համար յաւիտենական փրկութիւն ապահովելով։ Եթէ ցուլերուն եւ նոխազներուն արիւնը սրսկելը, կամ երինջներուն մոխիրը ցանելը կը բաւեն՝ ծիսականօրէն պիղծ մէկը սրբելու համար մարմնական մաքրութեամբ, Քրիստոսի արիւնը շատ աւելին պիտի չընէ՞ միթէ։ Արդարեւ, յաւիտենական Հոգիին միջոցաւ Քրիստոս ինքզինքը որպէս անարատ զոհ Աստուծոյ մատուցանեց, որպէսզի իր արիւնով մաքրէ ձեր խղճմտանքը մեռելական գործերէ, եւ դուք կարենաք կենդանի Աստուածը պաշտել։ Ատով իսկ Քրիստոս Նոր Ուխտին միջնորդը եղաւ, քանի իր մահով քաւեց այն յանցանքները, որոնք առաջին Ուխտի ժամանակաշրջանին գործուեցան, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ հրաւիրուած մարդիկը խոստացուած յաւիտենական կեանքը ժառանգեն։ Ոեւէ ուխտի, այսինքն՝ ոեւէ կտակի պարագային, նախ անհրաժեշտօրէն կտակագիրին մահը պէտք է հաստատուի, որովհետեւ կտակ մը միայն կտակագիր անձերուն մահուընէն ետք ի զօրու կը դառնայ. իսկ որքան ատեն որ կտակը գրողը դեռ ողջ է՝ կտակը չի կրնար ի զօրու ըլլալ։ Ահա թէ ինչո՛ւ առաջին Ուխտը եւս չկնքուեցաւ՝ մինչեւ որ արիւն չթափուեցաւ։ Մովսէս Օրէնքի գիրքին մէջ բովանդակուած բոլոր պատուիրանները ժողովուրդին կարդալէ ետք, առաւ զոհ մատուցուած ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը եւ քիչ մը ջուր, եւ կարմիր բուրդէ ու զոպայի ճիւղերէ կազմուած փունջով մը՝ սրսկեց Ուխտի գիրքին եւ ամբողջ ժողովուրդին վրայ, ըսելով. «Այս արիւնով է որ կը կնքուի Ուխտը, որուն հնազանդիլ պատուիրեց ձեզի Աստուած»։ Ապա նոյն արիւնէն սրսկեց նաեւ վկայութեան խորանին եւ պաշտամունքային բոլոր առարկաներուն վրայ։ Եւ Օրէնքին համաձայն՝ գրեթէ ամէն ինչ արիւնով կը սրբուի. մեղքերու թողութիւնն ալ առանց արեան հեղումի չ՚ըլլար։ Այսպէս ուրեմն, եթէ երկնաւոր Սրբարանին ընդօրինակութիւնը եղող երկրաւոր սրբարանը այսպիսի ծէսերով հարկ էր որ սրբուէր, բուն իսկ երկնաւորը աւելի՛ լաւ զոհերու պէտք ունէր հարկաւ։ Որովհետեւ Քրիստոս չմտա՛ւ մարդկային ձեռքերով շինուած սրբարանը, որ ճշմարիտ Սրբարանին նախատիպն էր, այլ՝ նոյնինքն երկինք մտաւ, ուր այժմ Աստուծոյ ներկայութեան կը գտնուի մեզի համար։ Երկրաւոր տաճարին քահանայապետը տարին մէկ անգամ Սրբութիւն Սրբութեանց կը մտնէր, զոհուած կենդանիներու արիւնով։ Սակայն Քրիստոս երկնային Սրբարան չմտաւ բազմաթիւ անգամներ ինքզինքը ընծայելու համար. այլապէս՝ պէտք էր աշխարհին սկիզբէն ի վեր բազմաթիւ անգամներ չարչարուէր։ Մինչդեռ այժմ, ահաւասիկ, երբ ժամանակները իրենց կատարումին կը մօտենան, Քրիստոս յայտնուեցաւ՝ միանգամընդմիշտ ինքզինքը իբրեւ զոհ ընծայելով, մեղքը բնաջինջ ընելու համար։ Եւ ինչպէս որ մարդիկ մէկ անգամ կը մեռնին եւ անկէ ետք Աստուծոյ դատաստանին կը յանձնուին, այնպէս ալ Քրիստոս միայն մէկ անգամ զոհ մատուցուեցաւ՝ մարդոց մեղքերը վերցնելու համար։ Իսկ երկրորդ անգամ պիտի յայտնուի՝ ո՛չ թէ մեղքերը վերցնելու, այլ փրկելու համար անոնք՝ որոնք հաւատքով կը սպասեն իրեն։ Մովսիսական Օրէնքըպարզապէսգալիքնորկարգերուն շուքը, այսինքն՝ մօտաւոր նմանութիւնը միայն կը ներկայացնէ եւ ո՛չ թէ անոր հարազատ պատկերը։ Այդ պատճառով ալ՝ նոյն զոհերը տարուէ տարի շարունակ կը մատուցուին, որովհետեւ չեն կրնար կատարելութեան հասցնել այդ զոհերով Աստուծոյ մօտիկ եկողները։ Եթէ արդարեւ ի վիճակի ըլլային պաշտամունքը մատուցանողներուն մեղքերը սրբելու, սրբուած այդ մարդիկը այլեւս մեղքերու խղճահարութիւնը պիտի չունենային, եւ զոհերն ալ պիտի դադրէին։ Մինչդեռ տարուէ տարի մատուցուող այդ զոհերը պարզապէս կը ծառայեն՝ մարդոցմեղքերը իրենց յիշեցնելու, որովհետեւ ցուլերու եւ նոխազներու արիւնը բնաւ չի կրնար մեղքերը ջնջել։ Ահա թէ ինչու, Քրիստոս իր աշխարհ գալուն կապակցաբար՝ կ՚ըսէ Աստուծոյ.– «Զոհ եւ ընծայ չկամեցար, այլ մարմին մը պատրաստեցիր դուն ինծի. ողջակէզներ դուն չուզեցիր, ոչ ալ զոհեր՝ մեղքի համար մատուցուած։ Ուստի ըսի.– Ահա կու գամ՝ ճիշդ ինչպէս որ Օրէնքներու գիրքին մէջ ինծի համար գրուած է՝ որպէսզի քու կամքդ ընեմ, ո՛վ Աստուած»։ Սկիզբը կ՚ըսէ. «Զոհ եւ ընծայ չկամեցար, ողջակէզներ դուն չուզեցիր, ոչ ալ զոհեր՝ մեղքի համար մատուցուած», հակառակ անոր որ Օրէնքը ինք կը պահանջէ այդ զոհերը մատուցանել։ Ապա կ՚աւելցնէ. «Ահա կու գամ՝ որպէսզի քու կամքդ ընեմ, ո՛վ Աստուած»։ Ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ Աստուած բոլոր նախկին զոհերը կը վերցնէ եւ անոնց տեղ Քրիստոսի զոհը կը հաստատէ։ Եւ որովհետեւ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ կամքը կատարեց, իր մարմինին անկրկնելի զոհագործումովը մենք սրբուեցանք մեր մեղքերէն։ Դարձեալ, ոեւէ քահանայ ամէն օր պաշտամունք կը կատարէ եւ բազմիցս կը մատուցանէ նոյն զոհերը, որոնք երբեք չեն կրնար վերցնել մեղքերը։ Մինչդեռ Քրիստոս միայն մէկ զոհ մատուցանեց մեղքերուն համար, եւ մշտնջենապէս «նստաւ Աստուծոյ աջ կողմը». եւ այսուհետեւ կը սպասէ, մինչեւ որ Աստուած իր «թշնամիները իր ոտքերուն տակ դնէ որպէս պատուանդան»։ Այսպէս, Քրիստոս միակ պատարագով մը՝ յաւիտենապէս կատարեալ դարձուց մեղքերէ սրբուած մարդիկը։ Սուրբ Հոգին եւս նոյն բանին մասին կը վկայէ մեզի։ Որովհետեւ սկիզբը ըսելէ ետք, թէ՝ «Հետեւեալն է Ուխտը, որ իրենց հետ պիտի կնքեմ գալիք օրերուն,– կ՚ըսէ Տէրը.– իրենց միտքերուն մէջ պիտի դրոշմեմ իմ օրէնքներս, իրենց սիրտերուն վրայ պիտի գրեմ զանոնք», ապա շարունակելով՝ կ՚ըսէ. «Ա՛լ պիտի չյիշեմ իրենց մեղքերն ու անօրէնութիւնները»։ Արդ, երբ մեղքերն ու անօրէնութիւնները ներուած են, ա՛լ պէտք չկայ անոնց համար ընծայ մատուցանելու։ Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, Յիսուսի արիւնով՝ այլեւս ազատ ենք Սրբարան մտնելու, որովհետեւ Յիսուս ինք մեզի համար բացաւ Աստուծոյ հասնելու այդ նոր եւ կենդանի ճամբան՝ վարագոյրէն անդին անցնելով, այսինքն՝ իր մարմինը որպէս զոհ մատուցանելով, եւ ատով իսկ Աստուծոյ ժողովուրդին Քահանայապետը եղաւ։ Ուստի անկեղծ սրտով եւ վստահութեամբ լեցուն հաւատքով մօտենանք Աստուծոյ, մեր սիրտերը մաքրած՝ խղճմտանքը ծանրացնող յանցանքներէն եւ մեր մարմինները մաքուր ջուրով լուացած։ Անխախտ պահենք այն յոյսը որ կը դաւանինք, վստահ ըլլալով՝ որ Աստուած հաւատարիմ է իր խոստումին։ Հոգածու ըլլանք իրարու հանդէպ, սիրոյ եւ բարի գործերու մղելով իրար։ Բնաւ չդադրինք պաշտամունքի հաւաքոյթներուն մասնակցելէ, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ըրեր են. ընդհակառակը, այդ ուղղութեամբ աւելի եւս յորդորենք իրար, քանի կը տեսնենք թէ Տիրոջ Օրը կը մօտենայ։ Որովհետեւճշմարտութիւնը ճանչնալէ եւ ընդունելէ ետք՝ եթէ գիտակցաբար շարունակենք յանցանք գործել, այնուհետեւ ա՛լ չի մնար ոեւէ զոհ որ մեր մեղքերը քաւէ. այլ՝ մեզի կը մնայ միայն ահարկու սպասում մը՝ Աստուծոյ դատաստանին եւ այն բոցավառ կրակին, որ պիտի լափէ Աստուծոյ հակառակորդները։ Եթէ Մովսիսական Օրէնքը խախտողը «երկու կամ երեք հոգիի վկայութեամբ մահուան կը դատապարտուի» առանց գթութեան, որքա՜ն աւելի ծանր պատիժի արժանի պիտի համարէք այն անձը՝ որ ոտնակոխ կ՚ընէ Աստուծոյ Որդին, կ՚արհամարհէ Նոր Ուխտի կնքումին համար թափուած արիւնը, որով Քրիստոս զինք սրբեց, եւ կ՚անարգէ շնորհքները պարգեւող Սուրբ Հոգին։ Որովհետեւ մենք կը ճանչնանք ան՝ որ կ՚ըսէ. «Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. ե՛ս պիտի հատուցանեմ,– կ՚ըսէ Տէրը», եւ կ՚աւելցնէ. «Տէրը ինք պիտի դատէ իր ժողովուրդը»։ Իրաւ որ սարսափելի բան է կենդանի Աստուծոյ ձեռքը իյնալը։ Արդ, յիշեցէք այն առաջին օրերը, երբ դեռ նոր լուսաւորուած՝ բազմաթիւ ծանր չարչարանքներու տոկացիք։ Մերթ նախատինքի եւ հալածանքներու առարկայ եղաք հրապարակաւ, մերթ այդ նախատինքն ու հալածանքները կրողներուն կողքին կեցաք։ Բանտարկեալներուն չարչարակից եղաք, եւ ձեր ստացուածքներուն յափշտակուիլը ուրախութեամբ ընդունեցիք, գիտնալով որ երկինքի մէջ աւելի լաւ ստացուածքներ ունիք, որոնք մնայուն են։ Հետեւաբար մի՛ կորսնցնէք ձեր վստահութիւնը, որովհետեւ անիկա մեծապէս պիտի վարձատրէ ձեզ։ Պէտք է համբերել գիտնաք, որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարելով՝ իր խոստումին տիրանաք։ Որովհետեւ «Շատ, շատ քիչ ատենէն՝ ան որ գալիք է՝ պիտի գայ, առանց ուշանալու։ Այն ատեն,– կ՚ըսէ Տէրը.– Ինծի վստահած արդար մարդը իր հաւատքով պիտի փրկուի. բայց ինձմէ երես դարձնողը նկատի պիտի չառնեմ»։ Մենք, սակայն, Աստուծմէ երես դարձնողներէն չենք, որոնք կորուստի սահմանուած են. այլ հաւատքը կը պահենք՝ մեր հոգին փրկելու համար։ Ի՞նչ է հաւատքը։ Հաւատք՝ կը նշանակէվստահ ըլլալ այն բաներուն՝ որոնց կը յուսանք, եւ համոզուած ըլլալ այն բաներուն՝ որոնք չեն երեւիր։ Արդ, այսպիսի հաւատքով մըն էր, որ նախնի ժամանակներու մարդիկ Աստուծոյ կողմէ ընդունուեցան։ Հաւատքով է որ կը հասկնանք տիեզերքին ստեղծումը Աստուծոյ խօսքով, որով տեսանելի այս տիեզերքը ոչինչէն գոյացաւ։ Իր հաւատքով էր որ Աբէլ Կայէնէն շա՛տ աւելի լաւ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած վկայեց իր արդար ըլլալուն մասին, ընդունելով իր մատուցած նուէրները։ Եւ թէպէտ Աբէլ մեռաւ, բայց իր հաւատքին օրինակը խօսուն կը մնայ միշտ։ Իր հաւատքին համար էր որ Ենովք երկինք փոխադրուեցաւ, առանց մահ տեսնելու. եւ իր մարմինը չգտնուեցաւ, քանի Աստուած զայն փոխադրած էր արդէն։ Սուրբ գիրքերը կը վկայեն, թէ երկինք փոխադրուելէ առաջ՝ Ենովք Աստուծոյ հաճութիւնը շահած էր։ Իսկ առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ։ Արդարեւ, Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ՝ թէ ան գոյութիւն ունի եւ կը վարձատրէ անոնք որ զինք կը փնտռեն։ Իր հաւատքով էր որ Նոյ երկիւղածութեամբ անսաց Աստուծմէ ստացած իր հրահանգին՝ գալիք եւ դեռ անտեսանելի բաներու մասին, եւ տապանը շինելով իր ընտանիքը փրկեց։ Նոյ իր հաւատքով՝ իր ժամանակի մարդիկը դատապարտեց եւ ժառանգեց հաւատքէն եկող արդարութիւնը։ Իր հաւատքով էր որ Աբրահամ հնազանդեցաւ Աստուծոյ կոչին, որ ելլէ երթայ այն տեղը՝ որ իբրեւ ժառանգութիւն պիտի ստանար. եւ ճամբայ ելաւ, առանց գիտնալու թէ ո՛ւր կ՚երթայ։ Հաւատքով էր որ պանդուխտի պէս ապրեցաւ այն օտար երկրին մէջ, որ Աստուած խոստումով իրեն տուած էր, եւ վրաններու տակ բնակեցաւ Իսահակի եւ Յակոբի հետ միասին, որոնք նոյն խոստացուած երկրին ժառանգորդներն էին։ Որովհետեւ ինք կը սպասէր այն միւս մնայուն քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու շինողը Աստուած է։ Իր հաւատքով էր որ Սառա ինք ալ, որ ամուլ էր, որդեծնութեան սերմը ընդունելու զօրութիւնը ստացաւ եւ իր յառաջացած տարիքին մէջ զաւակ ծնաւ, որովհետեւ վստահութիւն ունեցաւ Աստուծոյ վրայ, որ զաւակ խոստացաւ իրենց։ Եւ այսպէս, միակ անձէ մը՝ Աբրահամէն, որ այլեւս սերնդագործելու անկարող կը սեպուէր, ամբողջ սերունդներ ծնան, երկինքի աստղերուն չափ անթիւ եւ ծովեզրի աւազահատիկներուն չափ անհամար։ Յիշուած բոլոր անձերն ալ հաւատքով մեռան, առանց խոստացուած բաները ստացած ըլլալու. այլ միայն հեռուէն տեսան զանոնք եւ ուրախացան, խոստովանելով՝ թէ իրենք օտար եւ պանդուխտ են այս աշխարհի մէջ։ Արդ, այս ձեւով արտայայտուողները յստակօրէն ցոյց կու տան՝ թէ հայրենիք մը կը փնտռեն։ Այդ հայրենիքը եթէ այն երկիրը ըլլար՝ ուրկէ իրենք ելան, հոն վերադառնալու ժամանակը ունէին։ Բայց իրականին մէջ աւելի ազնուական հայրենիքի մը, երկնաւոր հայրենիքին կը ձգտէին, որովհետեւ գիտէին թէ Աստուած իրենց համար քաղաք մը պատրաստած է։ Ահա թէ ինչու՝ Աստուած ամօթ չի համարեր զանոնք իրը դաւանիլ եւ անոնց Աստուածը կոչուիլ։ Հաւատքով էր որ Աբրահամ զոհ մատուցանեց Իսահակը, երբ Աստուած զինք կը փորձէր։ Մատուցանեց իր մէկ հատիկ զաւակը, հակառակ այն իրողութեան՝ որ անոր համար խոստում ստացած էր։ Որովհետեւ Աստուած Աբրահամի ըսած էր. «Իսահակը պիտի ըլլայ քու սերունդդ շարունակողը»։ Աբրահամ նկատի առաւ, որ Աստուած մեռելներէն ալ կրնայ յարուցանել Իսահակը. ուստի իբրեւ մեռելներու յարութեան օրինակ՝ ետ ստացաւ իր զաւակը։ Գալիք իրականութեանց հաւատքով էր որ Իսահակ օրհնեց Յակոբն ու Եսաւը։ Հաւատքով էր որ Յակոբ իր մահուընէն առաջ օրհնեց Յովսէփի որդիներէն իւրաքանչիւրը, եւ «իր գաւազանին ծայրին կռթնելով՝ երկրպագութիւն ըրաւ Աստուծոյ»։ Հաւատքով էր որ Յովսէփ իր վախճանման պահուն յիշեցուց Իսրայէլի ժողովուրդին Եգիպտոսէն ելլելու խոստումը, եւ կարգադրութիւն ըրաւ նաեւ իր աճիւններուն փոխադրութեան համար։ Հաւատքով էր որ Մովսէսի ծնողները տեսնելով ծնած մանուկին կայտառ ըլլալը՝ մինչեւ երեք ամիս պահեցին զայն, առանց վախնալու թագաւորին հրամանէն։ Հաւատքով էր որ Մովսէս երբ մեծցաւ՝ մերժեց փարաւոնին աղջկան զաւակը կոչուիլ։ Նախընտրեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան՝ կարճ ժամանակի մը համար մեղքերու հաճոյքը վայելել։ Եգիպտոսի գանձերէն շա՜տ աւելի մեծ հարստութիւն նկատեց՝ Քրիստոսի կրած նախատինքները կրել, որովհետեւ աչքերը յառած էր Աստուծոյ վարձատրութեան։ Հաւատքով էր որ Եգիպտոսը թողուց, առանց վախնալու թագաւորին զայրոյթէն, եւ իբրեւ անտեսանելի Աստուածը տեսնող մարդ՝ գիտցաւ համբերել։ Հաւատքով էր որ Զատիկը հաստատեց եւ հրահանգեց արիւն սրսկել դռներուն վրայ, որպէսզի մահուան հրեշտակը չմօտենայ Իսրայէլի անդրանիկ զաւակներուն։ Հաւատքով էր որ Իսրայէլի ժողովուրդը Կարմիր ծովէն անցաւ՝ չոր գետնի վրայէն անցնելու պէս. մինչ երբ Եգիպտացիները նոյն բանը փորձեցին՝ ընկղմեցան։ Հաւատքով էր որ Երիքովի պարիսպները կործանեցան, երբ Իսրայէլացիներ եօթը օր անոնց շուրջը դարձան։ Եւ հաւատքով էր որ Ռախաբ պոռնիկը չսպաննուեցաւ Աստուծոյ անհնազանդ մարդոց հետ, քանի խաղաղութեամբ հիւրընկալած էր Իսրայէլացի լրտեսները։ Ալ ի՛նչ շարունակեմ. ժամանակս չի բաւեր որ պատմեմ Գեդէոնի, Բարակի, Սամփսոնի, Յեփթայէի, Դաւիթի ու Սամուէլի եւ միւս մարգարէներուն մասին, որոնք իրենց հաւատքով՝ թագաւորներ պարտութեան մատնեցին, արդարութիւն գործեցին եւ Աստուծոյ խոստումներուն տիրացան։ Առիւծներու բերանները գոցեցին, կրակին զօրութիւնը մարեցին, սուրին բերանէն ազատեցան։ Իրենց տկարութեան մէջ Աստուծմով զօրացան, պատերազմի մէջ անպարտելի դարձան եւ օտարներուն բանակները ընկճեցին։ Հաւատքով՝ կիներ տեսան իրենց մեռելներուն յարութիւն առնելը։ Շատեր տանջանքի տակ մեռան՝ մերժելով ազատութիւնը, որպէսզի լաւագոյն կեանքի մը համար յարութիւն առնեն։ Ուրիշներ նախատինքներու եւ ծեծերու ենթարկուեցան, շղթաներու եւ բանտերու համը առին։ Քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձութեանց մատնուեցան, սուրով սպաննուեցան, ոչխարի կամ այծի մորթով ծածկուած շրջեցան՝ զրկանք, հալածանք ու չարչարանք կրելով, թափառական ապրելով անապատներու մէջ կամ լեռներու վրայ, քարայրներու կամ խոռոչներու մէջ։ Արդարեւ աշխարհը արժանի չէր այդ մարդոց։ Ասոնք բոլորը իրենց հաւատքով վկայուած ըլլալով հանդերձ՝ չստացան Աստուծոյ խոստումը. որովհետեւ Աստուած մեզի համար աւելի լաւ բան մը նախատեսած ըլլալով՝ չուզեց որ անոնք խոստումին իրականացման հասնին առանց մեզի։ Ուրեմնմենքալ, որայսքանբազմաթիւվկաներով շրջապատուած ենք, վանե՛նք ամէն խոչնդոտ եւ մէկ կողմ ձգենք մեղքը, որ մեզ դիւրաւ կը պաշարէ, եւ համբերատարութեամբ պայքարինք մեզի ներկայացող փորձութիւններուն դէմ։ Մեր աչքերը յառենք Յիսուսի, մեր հաւատքի հիմնադիրին ու կատարելագործողին, որ գիտնալով թէ ի՛նչ ուրախութիւն կը սպասէ իրեն՝ արհամարհեց ամօթը, յանձն առաւ խաչի վրայ մեռնիլ, եւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։ Որպէսզի երբեք չյուսալքուիք եւ չտկարանաք, մտաբերեցէք՝ թէ Յիսուս ի՛նչպիսի համբերութեամբ կրեց մեղաւորներու հակառակութիւնները։ Դուք տակաւին ձեր արիւնը թափելու չափ դիմադրութիւն ցոյց չտուիք մեղքի դէմ պայքարին մէջ։ Դուք նաեւ մոռցեր էք յորդորը, որ ձեզի ուղղուած է՝ իբրեւ որդիներու.– «Որդեա՛կս, մի՛ արհամարհեր Տիրոջ խրատը, եւ մի՛ վհատիր երբ քեզ յանդիմանէ, որովհետեւ Տէրը երբ կը խրատէ՝ կը նշանակէ թէ կը սիրէ քեզ. երբ կը պատժէ՝ կը նշանակէ թէ քեզ իբր զաւակ կ՚ընդունի»։ Ուստի համբերութեամբ ընդունեցէք Աստուծոյ խրատը, գիտնալով որ հօր մը պէս կը վարուի ձեզի հետ։ Կա՞յ զաւակ մը որ իր հօրմէն յանդիմանութիւն ստացած չըլլայ։ Ընդհակառակը, եթէ Աստուած ձեզ չյանդիմանէ, ինչպէս կ՚ընէ իր բոլոր որդիներուն, կը նշանակէ՝ թէ իր զաւակները չէք եւ խորթ էք իրեն։ Մեր մարմնաւոր հայրերը երբ մեզ յանդիմանեն, կը դադրի՞նք զիրենք յարգելէ։ Ո՛չ։ Ուրեմն որքա՜ն աւելի եւս հնազանդ պէտք է ըլլանք հոգիներու Հօրը, որպէսզի կեանք ունենանք։ Երկրաւորհայրերը մեզ կը խրատեն միայն կարճ ժամանակ մը, իրենց ճիշդ դատած ձեւով, մինչ Աստուած կը խրատէ մեր բարիքին համար, որպէսզի հաղորդակից դառնանք իր սրբութեան ։ Ճիշդ է որ ոեւէ յանդիմանութիւն նոյն պահուն չ՚ուրախացներ, այլ կը տրտմեցնէ. բայց յետոյ՝ անով կրթուածներուն արդար կեանքի մը խաղաղութիւնը կը պարգեւէ։ Ուստի «զօրացուցէ՛ք թուլցած ձեռքերն ու կթոտ ծունկերը» եւ ձեր կեանքին ընթացքը ուղղեցէք, որպէսզի հաւատքով տկար եղողը չգլորի, այլ՝ ընդհակառակը՝ բժշկուի։ Ջանացէք բոլորին հետ խաղաղ ապրիլ եւ վարել սուրբ կեանք մը, առանց որուն՝ ոեւէ մէկը պիտի չտեսնէ Տէրը ։ Ուշադիր հսկեցէք որ ոեւէ մէկը Աստուծոյ շնորհքէն չզրկուի։ Չըլլա՛յ որ մէկը դառնութեան արմատ դառնալով՝ խռովութեան պատճառ ըլլայ եւ շատերը անկէ վարակուին։ Չըլլայ որ մէկը Աստուծոյ անհաւատարիմ կամ անոր պարգեւները արհամարհող ըլլայ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց։ Եւ, ինչպէս գիտէք, երբ յետոյ ուզեց հօրը օրհնութիւնը ստանալ՝ մերժուեցաւ, եւ հակառակ իր խնդրանքներուն ու թափած արցունքներուն՝ կացութենէն բան չկրցաւ փոխել։ Այն լեռը, որուն մօտեցած էք հիմա, շօշափելի չէ՛ Սինա լերան պէս, որ կրակով կը վառէր եւ պատուած էր մշուշով, խաւարով ու մրրիկով. ուր փողը կը հնչէր եւ Աստուծոյ պատգամող ձայնը կը լսուէր։ Ժողովուրդը որ այդ ձայնը լսեց՝ կ՚աղաչէր որ չլսէ զայն կրկին, որովհետեւ սարսափած էր այն հրամանէն՝ որ կ՚ըսէր. «Ով որ մօտենայ լերան, նոյնիսկ անասուն մը, պէտք է քարկոծուելով մեռնի»։ Ա՛յնքան ահաւոր էր տեսարանը, որ Մովսէս ալ կ՚ըսէր. «Զարհուրանքէս կը դողամ»։ Դուք, սակայն, մօտեցած էք Սիոն լերան, կենդանի Աստուծոյ քաղաքին, երկնաւոր Երուսաղէմին, հրեշտակներու անհամար բանակներուն։ Մօտեցած էք երկինքի մէջ արձանագրուած Աստուծոյ անդրանիկ զաւակներու ուրախական հաւաքոյթին. Աստուծոյ, որ բոլորին դատաւորն է, կատարելութեան հասած արդարներու հոգիներուն, Նոր Ուխտի միջնորդին՝ Յիսուսի եւ անոր թափուած արիւնին, որ լաւագոյն արդարութիւն մը կը պահանջէ, քան Աբէլի արիւնը։ Զգոյշ եղէք, որ չըլլպյ թէ մերժէք Աստուծոյ խօսքը լսել, որովհետեւ եթէ անոր հրամանները մարդոց փոխանցող Մովսէսին չհնազանդողները ազատում չունեցան, մենք բնա՛ւ ազատում չենք ունենար՝ եթէ կռնակ դարձնենք Աստուծոյ, որ երկինքէն կը խօսի մեզի։ Անոր ձայնը երկիրը շարժեց այն ատեն, իսկ հիմա կը մնայ իր խոստումը, որ կ՚ըսէ.– «Անգամ մը եւս պիտի շարժեմ. եւ ո՛չ միայն երկիրը, այլ՝ երկինքն ալ»։ «Անգամ մը եւս» խօսքը ցոյց կու տայ, որ ստեղծագործութեան մէջ խախտած բաները պիտի փոխուին, մինչ անշարժ մնացածները անփոփոխ պիտի մնան։ Հետեւաբար՝ երախտապարտ ըլլանք, որ Աստուած անսասանելի թագաւորութիւն մը կու տայ մեզի։ Եւ այդ երախտագիտութեամբ ալ ծառայենք Աստուծոյ այնպէս՝ ինչպէս հաճելի է իրեն, յարգանքով ու պատկառանքով. որովհետեւ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ՝ «Մեր Աստուածը լափող կրակ է»։ Եղբայրսիրութիւնը թող մնայուն սկզբունք ըլլայ ձեզի համար։ Մի՛ մոռնաք հիւրասէր ըլլալ, որովհետեւ այդպիսով ոմանք առանց գիտնալու հրեշտակներ հիւրասիրեցին։ Յիշեցէ՛ք բանտի մէջ եղողները, դուք ձեզ անոնց բանտակից զգալով։ Նոյնպէս յիշեցէք չարչարանքներու մէջ եղողները, դուք ձեզ անոնց տեղ դնելով։ Բոլորդ ալ պատուեցէ՛ք ամուսնութիւնը եւ ամուսնական կապը սուրբ պահեցէք, որովհետեւ Աստուած կը դատապարտէ շնացողներն ու պոռնկութիւն ընողները։ Դրամասիրութիւնը թող տեղ չունենայ ձեր կեանքին մէջ. գոհացէ՛ք ձեր ունեցածով, որովհետեւ Աստուած ինք կ՚ըսէ. «Բնաւ երեսի վրայ պիտի չձգեմ եւ պիտի չլքեմ քեզ»։ Այնպէս որ, համարձակօրէն ըսենք.– « Տէրն է իմ օգնականս, հետեւաբար չեմ վախնար. ի՞նչ կրնայ ընել մարդը ինծի»։ Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի։ Նայեցէք թէ ի՛նչպէս ապրեցան եւ ի՛նչպէս մեռան անոնք, եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն։ Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ — երէկ, այսօր եւ յաւիտեան։ Տեսակ–տեսակ օտարոտի ուսուցումներէ մի՛ տարուիք։ Լաւ է որ սիրտը Աստուծոյ շնորհքով ամրապնդուի, քան՝ ուտելիքներու եւ չուտելիքներու վերաբերող կանոններով, որոնց հետեւողները ոեւէ բանով չօգտուեցան։ Մենք ունինք սեղան մը, որուն վրայ մատուցուած զոհէն ճաշակելու իրաւունք չունի՛ն հին սրբարանին ծառայող քահանաները ։ Արդարեւ, այն անասունները, որոնց արիւնը քահանայապետին ձեռքով սրբարան կը տարուէր՝ իբրեւ մեղքի համար մատուցուած զոհ, անոնց մարմինները բնակութեան վայրէն դուրս տեղ մը կ՚այրըւէին։ Ճիշդ այդ պատճառով՝ Յիսուս ի՛նք ալ քաղաքէն դուրս տարուելով չարչարուեցաւ, որպէսզի իր արիւնով սրբէ ժողովուրդին մեղքերը։ Արդ, եկէք մենք ալ մեր բնակութեան վայրերէն դուրս գանք եւ իրեն երթանք, մեր վրայ առնելով իր կրած նախատինքները, որովհետեւ հոս՝ այս աշխարհի մէջ մնայուն քաղաք մը չունինք, այլ՝ գալիք երկնաւոր քաղաքին է որ կը ցանկանք։ Հետեւաբար, մենք Քրիստոսի միջոցաւ տեւականօրէն օրհներգութիւն մատուցանենք Աստուծոյ՝ իբրեւ զոհ, այսինքն՝ մեր շրթները թող իր անունը դաւանին, իբրեւ լաւագոյն նուէր մեր կողմէ։ Եւ մի՛ մոռնաք բարեգործութիւն ընել եւ օգնել ուրիշներուն, որովհետեւ ատոնք են Աստուծոյ կամեցած զոհերը։ Մտի՛կ ըրէք ձեր առաջնորդներուն խօսքը, որովհետեւ անոնք անքուն կը հսկեն ձեր հոգիներուն համար, գիտնալով՝ որ հաշիւ պիտի տան ձեզի համար. եւ հնազանդ եղէք անոնց, որպէսզի ուրախութեամբ կատարեն իրենց պաշտօնը եւ ո՛չ թէ հառաչելով, որովհետեւ ատիկա ձեր օգուտին համար չ՚ըլլար։ Աղօթեցէ՛ք մեզի համար, որովհետեւ համոզուած ենք թէ մեր խիղճը մաքուր է, եւ կ՚ուզենք ամէն բանի մէջ ուղիղը գործել։ Մանաւանդ կ՚աղաչեմ որ աղօթէք ինծի համար, որպէսզի կարենամ աւելի շուտ ձեզի վերադառնալ։ Եղբայրնե՛ր, կ՚աղաչեմ որ լսէք այս կարճ նամակով տուած յորդորներս։ Կ՚ուզեմ որ գիտնաք, թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս բանտէն արձակուած է հիմա։ Եթէ շուտով մօտս գայ, միասին կու գանք ձեզ տեսնելու։ Ողջոյններս հաղորդեցէք ձեր բոլոր առաջնորդներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն։ Իտալիայի եղբայրները կ՚ողջունեն ձեզ։ Աստուծոյ շնորհքը բոլորիդ հետ ըլլայ։ Ամէն։ Ես, Յակոբոս, Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծառան, կ՚ողջունեմ ձեզ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին անդամներդ, որ համայն աշխարհի մէջ ցրուած էք։ Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզ շատ երջանիկ համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ կ՚իյնաք։ Գիտցէք, որ փորձութիւնը համբերութիւն կը ծնի, եթէ ձեր հաւատքը փորձին դիմանայ։ Իսկ համբերութիւն պէտք է ունենալ մինչեւ վերջ, որպէսզի ամբողջական եւ կատարեալ ըլլաք, եւ ձեզի ոեւէ բան չպակսի։ Եթէ ձեզմէ մէկը կը զգայ թէ անհրաժեշտ իմաստութիւնը չունի, թող խնդրէ Աստուծմէ, որ բոլորին կու տայ առատօրէն եւ սիրայօժար կերպով, եւ Աստուած պիտի տայ իրեն։ Բայց թող խնդրէ հաւատքո՛վ, առանց երկմտելու, որովհետեւ երկմիտ մարդը կը նմանի ծովու ալիքներուն, որոնք հովերէն կը շարժին ու կը տարուբերին։ Այնպիսին թող չակնկալէ որ Տէրը կու տայ իր խնդրածը, որովհետեւ երկմիտ մարդը իր բոլոր քայլերուն մէջ անհաստատ է։ Աղքատ եղբայրը թող ուրախ ըլլայ, երբ Աստուած զինք բարձրացնէ։ Հարուստ եղողն ալ թող ուրախ ըլլայ, երբ Աստուած զինք խոնարհեցնէ, որովհետեւ հարստութիւնը կը նմանի վաղանցուկ վայրի ծաղիկին։ Ինչպէս երբ արեւը ծագի՝ իր այրող տաքութեամբ խոտը կը չորցնէ եւ ծաղիկը կը թափի, անոր գեղեցկութիւնն ալ կը կորսուի, ճիշդ այնպէս ալ մեծահարուստը իր գործերով միասին պիտի թառամի։ Երանի՜ այն մարդուն որ կը տոկայ փորձութեան, որովհետեւ փորձութենէն յաղթական դուրս եկողը որպէս մրցանակ պիտի ստանայ այն կեանքը, որ Տէրը խոստացաւ տալ զինք սիրողներուն։ Բայց փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ՛ թէ Աստուած է որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն որոնք չարէն կու գան, ո՛չ ալ ինք մարդիկը փորձութեան կ՚ենթարկէ։ Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի՝ իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով։ Ապա ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղքին ծնունդ կու տայ, իսկ մեղքը երբ իր լրումին հասնի՝ մահուան պատճառ կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար՝ դուք ձեզ մի՛ խաբէք, սիրելի՛ եղբայրներս։ Միայն բարի նուէրները եւ կատարեալ պարգեւներն են որ կու գան երկինքէն, Հօր Աստուծմէ, որ լոյսի արարիչն է, որուն կամքը անփոփոխ է, անդառնալի եւ անստուեր։ Աստուած կամեցաւ մեզ վերստին ծնիլ՝ որպէսզի իր ճշմարիտ նպատակը յայտնուի, որովհետեւ կ՚ուզէ որ մենք իր նոր ստեղծագործութեան առաջին պտուղները ըլլանք։ Յիշեցէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, որ աւելի պատրաստակամ պէտք է ըլլաք լսելու, քան՝ խօսելու։ Դիւրաւ մի՛ բորբոքիք։ Գիտցէք թէ մեր բարկանալովը չենք կրնար Աստուծոյ արդար ծրագիրը իրականացնել։ Հետեւաբար ձեզմէ թօթափեցէ՛ք ամէն աղտոտ սովորութիւն ու չար ցանկութիւն, եւ հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած Աստուծոյ խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել։ Այդ պատուիրանները լսելով մի՛ գոհանաք, այլ՝ կատարեցէ՛ք զանոնք. այլապէս դուք ձեզ խաբած կ՚ըլլաք։ Որովհետեւ ով որ պարզապէս կը լսէ պատուիրանը, բայց չի կատարեր, կը նմանի անոր՝ որ ուշադրութեամբ ինքզինքը կը դիտէ հայելիին մէջ. հազիւ հայելիէն հեռացած՝ ա՛լ չի տեսներ ինքզինք եւ կը մոռնայ իր ինչպէս ըլլալը։ Մինչդեռ ան որ իր աչքերը կը յառէ Աստուծոյ ազատարար ու կատարեալ Օրէնքին եւ անոր մէջ կը յարատեւէ, այնպիսին լսելէ ետք չի մոռնար, այլ՝ կը գործադրէ զայն. անիկա երանելի պիտի ըլլայ կատարելուն համար։ Ով որ ինքզինք բարեպաշտ կը սեպէ եւ սակայն իր լեզուին սանձ չի դներ, անիկա ինքզինք կը խաբէ, որովհետեւ անօգուտ է իր բարեպաշտութիւնը։ Հօր Աստուծոյ համար անկեղծ եւ իսկական բարեպաշտութիւնը՝ կարօտութեան մէջ եղող որբերուն եւ այրիներուն այցելու եւ օգնական ըլլալն է, եւ աշխարհի մէջ ապրելով հանդերձ՝ ինքզինք անարատ պահելը։ Եղբայրնե՛րս, երբեք մարդոց միջեւ խտրութիւն մի՛ դնէք, դուք՝ որպէս հաւատացողներ Յիսուս Քրիստոսի, մեր Տիրոջ, որ ի՛նք միայն գիտէ մարդիկը փառաւորել։ Եթէ պատահի, օրինակ, որ ձեր մէկ հաւաքոյթին ոսկի մատանի դրած եւ փառաւոր զգեստներ հագած մարդ մը գայ, եւ միւս կողմէ գայ նաեւ մաշած զգեստներով մարդ մը, եւ դուք փառաւոր հագուստներ ունեցողին մեծ յարգանքով ըսէք՝ «Վերը նստէ, խնդրեմ», մինչ աղքատին ըսէք՝ «Դուն այստեղ ոտքի կեցիր», կամ՝ «Եկուր հոս՝ ոտքերուս քով գետինը նստէ», արդեօք դուք ձեր միջեւ խտրութիւն դրած չէ՞ք ըլլար եւ սխալ սկզբունքով դատած չէ՞ք ըլլար։ Լսեցէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, Աստուած ինք չընտրե՞ց աշխարհիս աղքատները, որոնք հաւատքով հարուստ են եւ պիտի ժառանգեն արքայութիւնը, որ Աստուած զինք սիրողներուն խոստացաւ։ Մինչդեռ դուք կ՚արհամարհէք աղքատները։ Իսկ հարուստները չե՞ն որ ձեզ կը հարստահարեն. անոնք չե՞ն որ ձեզ դատարանէ դատարան կը քաշկռտեն։ Անոնք չե՞ն որ կը վարկաբեկեն Քրիստոսի բարի անունը, որ դուք ձեր վրայ կը կրէք։ Բայց դուք լաւ կ՚ընէք՝ եթէ իրապէս կատարէք Սուրբ գիրքին թագաւորական օրէնքը, որ կ՚ըսէ. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ Իսկ եթէ մարդոց միջեւ խտրութիւն դնէք՝ մեղք կը գործէք, եւ Օրէնքին կողմէ իբրեւ օրինազանց կը դատապարտուիք։ Որովհետեւ մարդ նոյնիսկ եթէ ամբողջ Օրէնքը գործադրէ, բայց մէկ պատուիրանի կատարման մէջ թերանայ, ամբողջ Օրէնքին դիմաց յանցաւոր կ՚ըլլայ։ Քանի որ «Մի՛ սպաններ» պատուիրանը տուողն է որ նաեւ պատուիրեց՝ «Մի՛ շնար»։ Դուն եթէ սպանութիւն չընես, բայց շնութիւն ընես, Օրէնքին դիմաց յանցաւոր ես։ Արդ, խօսեցէք ու գործեցէք որպէս մարդիկ՝ որոնք ազատութեան օրէնքով պիտի դատուին։ Որովհետեւ Աստուած իր դատաստանին մէջ անողորմ պիտի ըլլայ այն մարդուն նկատմամբ՝ որ ուրիշներուն հանդէպ ողորմած չէ եղած։ Մինչդեռ ողորմած մարդուն պարագային՝ Աստուծոյ ողորմութիւնը պիտի յաղթանակէ դատաստանի ատեն։ Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ՚ըսէ թէ հաւատք ունի, երբ որ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի։ Միթէ այդպիսի հաւատքը կրնա՞յ զայն փրկել։ Ենթադրենք, որ կիսամերկ եւ օրուան հացին կարօտ եղբայր մը կամ քոյր մը ձեզի դիմեց։ Եթէ ձեզմէ ոեւէ մէկը անոնց ըսէ՝ «Գացէ՛ք, Աստուած ձեզի հետ ըլլայ, տաքցէք եւ կշտացէք», եւ անոր մարմինին համար պէտք եղած զգեստը կամ ուտելիքը չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի։ Նոյնպէս ալ հաւատքը առանձինն՝ առանց գործերու՝ մեռած է։ Թերեւս մէկը առարկէ, ըսելով. «Մարդ կայ՝ որ հաւատք ունի, մարդ ալ կայ՝ որ գործերը ունի»։ Այնպիսիին կը պատասխանեմ. «Եթէ կրնաս՝ ցո՛յց տուր հաւատքդ, առանց գործերու։ Սակայն ես կրնամ գործերուս ընդմէջէն քեզի ցոյց տալ իմ հաւատքս»։ Դուն կը հաւատաս թէ մէկ Աստուած կայ, չէ՞. շատ լաւ կ՚ընես։ Բայց դեւերն ալ նոյն բանին կը հաւատան, եւ կը սարսափին։ Հետեւաբար հասկցի՛ր, անմի՛տ մարդ, որ առանց գործերու՝ հաւատքը անօգուտ է։ Աբրահամ, մեր նախահայրը, իր գործերով չէ՞ր որ արդարացաւ, երբ իր զաւակը՝ Իսահակը զոհասեղան բարձրացուց զոհ մատուցանելու համար։ Կը տեսնե՞ս, թէ հաւատքը անոր գործերուն ընկերացաւ, եւ գործերուն ընդմէջէն ալ հաւատքը իր կատարելութեան հասաւ։ Այսպէս կատարուեցաւ այն՝ ինչ որ Ծննդոց գիրքը կ՚ըսէր, թէ «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց, եւ այդ հաւատքին համար ալ Աստուած զինք արդար համարեց». եւ Աբրահամ Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ։ Կը տեսնէ՞ք, թէ մարդ իր գործերով կ՚արդարանայ, եւ ո՛չ թէ միայն հաւատքով։ Նոյնը չէ՞ Րախաբ պոռնիկին պարագան. ա՛ն ալ իր գործերով արդարացաւ, երբ Իսրայէլացի լրտեսները իր տունը հիւրընկալեց եւ օգնեց՝ որ ուրիշ ճամբով փախչին։ Հետեւաբար, ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, այնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է։ Եղբայրնե՛րս, ամէնքդ ալ ուրիշները սրբագրելու հետամուտ մի՛ ըլլաք, գիտնալով որ մենք՝ ուսուցանողներս աւելի խստութեամբ պիտի դատուինք, որովհետեւ բոլորս ալ յանցանքներ ունինք։ Ան որ գիտէ իր խօսքերը կշռել՝ կատարեալ մարդ է, ինքզինքին իշխելու կարող։ Տե՛ս, թէ ի՛նչպէս ձիերուն բերանը սանձ կը դնենք՝ որպէսզի մեզի ենթարկուին, եւ անով ձիուն բոլոր շարժումները կը կառավարենք։ Կամ դիտէ՛ նաւերը. ո՛րքան ալ մեծ ըլլան եւ ինչպիսի՛ զօրաւոր հովերէ ալ քշուին, փոքրիկ ղեկ մը զիրենք կ՚ուղղէ դէպի հոն՝ ուր նաւավարը կը փափաքի տանիլ։ Նոյնպէս ալ լեզուն. թէեւ փոքր անդամ մըն է, բայց մեծամեծ բաներով կը պարծենայ։ Գիտէք, թէ պզտիկ կայծը հսկայ անտառ մը կրնայ հրդեհել։ Լեզուն ալ կրակ է։ Անիրաւութեան աշխարհ մըն է անիկա։ Թէեւ պարզ մէկ անդամն է մարմինին, բայց ամբողջ մարդը կ՚ապականէ, եւ գեհենի կրակով բռնկած՝ մեր ամբողջ կեանքը կրակով կը վառէ։ Բոլոր տեսակի գազանները, թռչունները, սողունները եւ ծովային կենդանիները նուաճուած են մարդուն կողմէ եւ կը հնազանդին անոր։ Բայց ո՛չ ոք կրնայ հնազանդեցնել մարդկային լեզուն, որ չար է, անզսպելի եւ մահացու թոյնով լեցուն։ Անով կ՚օրհնենք մեր Տէրը եւ Հայրն Աստուած, եւ դարձեալ անով կ՚անիծենք մարդիկը, որոնք Աստուծոյ նմանութեամբը ստեղծուած են։ Այսինքն՝ նոյն բերանէն կ՚ելլեն թէ՛ օրհնութիւնը եւ թէ՛ անէծքը։ Ասիկա ճիշդ չէ՛ սակայն, եղբայրներս։ Միթէ աղբիւր մը միեւնոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բղխէ՞։ Կարելի՞ բան է, եղբայրներս, որ թզենին ձիթապտուղ տայ կամ որթատունկը՝ թուզ։ Նմանապէս կարելի չէ որ աղուտ հողէն քաղցր ջուր բղխի։ Ձեր մէջ իմաստուն եւ խելացի մարդ կա՞յ. թող ցոյց տայ՝ իր օրինակելի կեանքով եւ հեզութեան ու իմաստութեան արտայայտութիւնը եղող գործերով։ Իսկ եթէ ձեր սիրտերուն մէջ դառն նախանձ եւ հակառակասիրութիւն կայ, մի՛ պարծենաք եւ ճշմարտութեան դէմ մի՛ մեղանչէք։ Այդպիսի իմաստութիւնը երկինքէն չէ՛ տրուած, հոգեւոր չէ, այլ՝ երկրաւոր է եւ դիւական։ Որովհետեւ ուր որ նախանձ եւ հակառակասիրութիւն կայ՝ հոն նաեւ անկարգութիւն եւ ամէն տեսակի չարիք կայ։ Մինչդեռ երկնային իմաստութիւնը ունեցող մարդը նախ որ մաքուր կ՚ըլլայ, ապա նաեւ՝ խաղաղարար, ազնիւ, բարեացակամ, ողորմած եւ բարի գործերով արդիւնաւոր, անկողմնակալ եւ անկեղծ։ Իսկ իր շուրջ խաղաղութիւն սերմանողը՝ արդարութիւն կը հնձէ։ Ուրկէ՞ յառաջ կու գան ձեր հակամարտութիւններն ու կռիւները. արդեօք ձեր ցանկութիւններէն չէ՞, որոնք ձեր մարմինին մէջ կռիւ կը մղեն։ Շատ մը բաներու կը ցանկաք, բայց չէք կրնար ունենալ, ուստի կը սպաննէք։ Կը նախանձիք, բայց չէք կրնար ձեռք անցընել, եւ ահա կը կռուիք ու կը պայքարիք։ Ձեր ուզածը չէք ունենար, որովհետեւ Աստուծմէ չէք խնդրեր. կամ՝ կը խնդրէք եւ Աստուած չի տար, որովհետեւ գէշ նպատակով կը խնդրէք, ձեր հաճոյքներուն ծառայեցնելու համար։ Անհաւատարի՛մ մարդիկ, չէ՞ք գիտեր որ աշխարհին հետ բարեկամութիւն ընել՝ Աստուծոյ թշնամութիւն ընել կը նշանակէ։ Որովհետեւ ով որ կ՚ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ՝ ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կը դարձնէ։ Կը կարծէք թէ Սուրբ գիրքը պարա՞պ տեղ կ՚ըսէ. «Աստուած նախանձախնդրութեամբ կը պահանջէ այն հոգին որ մեր մէջ դրած է», որուն համար ալ աւելի մեծ շնորհք մը կու տայ մեզի, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.։ «Տէրը հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչդեռ շնորհք կու տայ խոնարհներուն»։ Հետեւաբար հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ դէմ դրէք չարախօսին՝ Սատանային, եւ հեռու պիտի փախչի ձեզմէ։ Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի։ Ձեր ձեռքերէն չար գործերու աղտը լուացէ՛ք, մեղաւորնե՛ր. եւ դուք, երկմի՛տ մարդիկ, ձեր միտքերը յստակացուցէ՛ք։ Տառապեցէ՛ք, սգացէք ու լացէք. այո՛, ծիծաղելու տեղ՝ սգացէ՛ք, ուրախանալու տեղ՝ տրտմեցէ՛ք։ Դուք ձեզ խոնարհեցուցէ՛ք Տիրոջ առջեւ, եւ ինք ձեզ պիտի բարձրացնէ։ Իրար մի՛ բամբասէք, եղբայրներ։ Ով որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամ կը դատէ զայն՝ Օրէնքը բամբասած կամ Օրէնքը դատած կ՚ըլլայ։ Իսկ եթէ Օրէնքը կը դատես՝ կը նշանակէ թէ Օրէնքը գործադրողը չես, այլ՝ անոր դատաւորը։ Միակ Օրէնսդիրն ու Դատաւորը, որ իշխանութիւն ունի փրկելու կամ կորուստի մատնելու՝ Աստուած է։ Դուն ո՞վ ես որ քու ընկերդ կը դատես։ Ինծի մտիկ ըրէք նաեւ դուք՝ որ կ՚ըսէք. «Այսօր կամ վաղը այսինչ քաղաքը պիտի երթանք եւ տարի մը հոն մնանք, առեւտուր պիտի ընենք եւ շահինք»։ Միթէ գիտէ՞ք վաղը ինչ պիտի ըլլաք։ Ձեր կեանքը մշուշին պէս է, որ կարճ ժամանակ մը կ՚երեւի եւ ապա կ՚աներեւութանայ։ Փոխանակ ըսելու՝ «Եթէ Տէրը կամենայ՝ կ՚ապրինք եւ այսինչ կամ այնինչ բանը կ՚ընենք», ամբարտաւան կերպով կը յոխորտաք։ Բայց այդպէս յոխորտալը սխալ է։ Հետեւաբար, ով որ շիտակը գիտէ եւ չ՚ըներ՝ մեղք է որ կը գործէ։ Դո՛ւք ալ ինծի մտիկ ըրէք, հարուստնե՛ր։ Լացէք ու ցաւագին կերպով ողբացէ՛ք այն դժբախտութիւններուն համար որ ձեր գլխուն պիտի գան։ Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը փտութիւն է, եւ ձեր հագուստները ցեցերուն կեր են։ Ձեր արծաթն ու ոսկին ժանգոտ են, եւ անոնց ժանգը ձեզի դէմ վկայութիւն պիտի ըլլայ եւ կրակի պէս լափէ ձեր մարմինները, քանի շուտով իր վախճանին մօտեցող այս աշխարհին մէջ դուք միայն ա՛յս գանձերը դիզեցիք։ Ահաւասիկ, ձեր արտերուն մէջ աշխատող բանուորներուն վարձքը, որ ձեր մօտ պահեցիք՝ զրկելով զանոնք, բարձրաձայն կ՚աղաղակէ, եւ հնձուորներուն բողոքը Ամենակալ Տիրոջ ականջը հասաւ։ Երկրի վրայ ձեր կեանքը հաճոյքներով ու զուարճութեամբ անցուցիք եւ պարարտացաք, մորթուելու օրուան պատրաստուող անասուններուն պէս։ Այո՛, իրաւազրկեցիք եւ սպաննեցիք արդարը, որ չընդդիմացաւ ձեզի։ Հետեւաբար համբերող եղէք, եղբայրնե՛ր, մինչեւ Տիրոջ գալուստը ։ Տեսէք թէ ի՛նչպէս մշակը համբերութեամբ կը սպասէ, մինչեւ որ աշնան ու գարնան անձրեւները իջնեն եւ հողը իր թանկագին բերքը տայ։ Դուք ալ համբերեցէք եւ ամուր պահեցէք ձեր սիրտերը, որովհետեւ Տիրոջ գալուստը մօտ է։ Իրարու դէմ մի՛ տրտնջաք, եղբայրներ, որպէսզի Աստուծոյ դատաստանին չենթարկուիք, որովհետեւ ահա Դատաւորը գալու վրայ է։ Նեղութիւններուն մէջ համբերելու օրինակ առէք մարգարէներէն, որոնք Տիրոջ անունով խօսեցան։ Չէ՞ որ մենք երանի կու տանք անոնց՝ որոնք մարգարէներուն պէս գիտցան համբերել։ Հարկաւ լսեր էք Յոբի համբերութեան մասին, եւ գիտէք թէ ի՛նչպէս Տէրը վարձատրեց զայն վերջաւորութեան, որովհետեւ Տէրը գթառատ է եւ ողորմած։ Բայց մանաւանդ, եղբայրնե՛րս, բնաւ երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի, ո՛չ երկրի եւ ո՛չ ալ ուրիշ ոեւէ բանի վրայ։ Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ, եւ Ոչը՝ Ոչ, որպէսզի չըլլայ որ դատապարտութեան ենթարկուիք։ Ձեզմէ մէկը նեղութեան մէ՞ջ է՝ թող աղօթէ։ Ուրախ տրամադրութեա՞ն մէջ է՝ թող գոհաբանական երգ երգէ Աստուծոյ։ Մէկը հիւանդացա՞ւ՝ թող կանչէ եկեղեցւոյ երէցները, որպէսզի իր վրայ աղօթեն եւ իւղով օծեն զինք, Տիրոջ անունով։ Եւ հաւատքով կատարուած աղօթքը պիտի բժշկէ հիւանդը։ Տէրը զայն ոտքի պիտի հանէ, եւ եթէ ոեւէ մեղք գործած է՝ պիտի ներէ անոր։ Հետեւաբար ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք. որովհետեւ արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ։ Եղիա մեզի նման կիրքերու ենթակայ մարդ էր. բայց երբ աղօթեց որ անձրեւ չգայ, երեքուկէս տարի չանձրեւեց երկրի վրայ։ Ապա դարձեալ աղօթեց, եւ երկինքը անձրեւ տեղաց ու երկիրը իր բերքը տուաւ։ Եղբայրնե՛րս, երբ ձեզմէ ոեւէ մէկը ճշմարտութեան ուղիէն մոլորի, եւ ուրիշ մը յաջողի զայն վերադարձնել, գիտցէք՝ թէ մեղաւորը իր մոլար ճամբէն դարձնողը թէ՛ անոր հոգին մահուընէ կը փրկէ եւ թէ՛ իր բազմաթիւ մեղքերուն թողութիւն կը գտնէ։ Ես՝ Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, կը գրեմ Աստուծոյ ընտրեալներուդ, որ պանդուխտներու պէս կ՚ապրիք Պոնտոս, Գաղատիա, Կապադովկիա, Ասիա եւ Բիւթանիա նահանգներու տարածքին։ Հայրն Աստուած իր կանխագիտութեամբը ձեզ ընտրեց, որպէսզի Սուրբ Հոգիով սրբուած՝ հնազանդիք Յիսուս Քրիստոսի, եւ իր արիւնովը մաքրուիք։ Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի, առատօրէն։ Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելովը ունենանք այն կենդանի յոյսը՝ թէ պիտի ժառանգենք անեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը, որ երկինքի մէջ պահուած է ձեզի համար։ Եւ Աստուած իր զօրութեամբ կը պահէ ձեզ, որպէսզի ձեր հաւատքով հասնիք իր պատրաստած փրկութեան, որ ժամանակի վախճանին պիտի յայտնուի ։ Ուրախացէ՛ք այդ փրկութեամբ, նոյնիսկ եթէ հարկադրաբար քիչ մը տրտմած էք հիմա, ձեր կրածպէս–պէս փորձութիւններուն համար։ Այդպիսով փորձուած ձեր հաւատքը շա՛տ աւելի թանկագին է, քան կորստական ոսկին՝ որ կրակին մէջ կը փորձուի, որուն համար ալ երբ Յիսուս Քրիստոս յայտնուի՝ պիտի գովէ ձեզ եւ փառքի ու պատիւի արժանացնէ։ Որովհետեւ զինք չտեսաք՝ բայց սիրեցիք, եւ առանց զինք տեսնելու կը հաւատաք, ուրախանալով այն անպատմելի եւ փառաւոր խնդութեամբ՝ որ ձերը պիտի ըլլայ, երբ ընդունիք ձեր հաւատքին պսակումը՝ հոգիներու փրկութիւնը։ Այս փրկութիւնն էր որ փնտռեցին եւ փորձեցին հասկնալ մարգարէները, որոնք ձեզի տրուելիք շնորհքին մասին մարգարէանալով՝ կը փորձէին հասկնալ՝ թէ ի՛նչ ժամանակ եւ ի՛նչ պարագաներ կը ծանուցանէր իրենց մէջ գործող Քրիստոսի Հոգին, որ կանուխէն կը վկայէր Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ անոնց յաջորդելիք փառքին մասին։ Աստուած անոնց յայտնեց, թէ իրենց փոխանցած այդ պատգամները իրենց ժամանակներուն համար չէին, այլ՝ մեզի համար էր որ խօսեցան այն՝ ինչ որ ներկայիս Աւետարանը քարոզող մարդիկ ձեզի փոխանցեցին, երկինքէն ղրկուած Սուրբ Հոգիին մղումով։ Պատգամներ՝ որոնց կատարումը հրեշտակներն իսկ պիտի ուզէին գէթ մասամբ տեսնել։ Հետեւաբար միտքով պատրաստ եւ արթուն եղէք, ձեր ամբողջ յոյսը կապած փրկութեան պարգեւին, որ ձեզի պիտի տրուի՝ երբ Յիսուս Քրիստոս յայտնուի ։ Աստուծոյ հնազանդ զաւակներ եղէք, եւ մի՛ առաջնորդուիք անցեալի ցանկութիւններով, որոնցմով կ՚ապրէիք՝ երբ տակաւին Քրիստոսը չէիք ճանչնար։ Այլ, ինչպէս որ ձեզ կանչողը՝ Աստուած սուրբ է, դուք ալ սուրբ եղէք ձեր ամբողջ կեանքով, որովհետեւ գրուած է. «Սուրբ եղէք, որովհետեւ ես սուրբ եմ»։ Եթէ «Հայր» կը կոչէք ան՝ որ անաչառ կերպով կը դատէ իւրաքանչիւրը իր գործերուն համաձայն, աստուածավախութեամբ ապրեցէք ձեր պանդխտութեան տարիները, գիտնալով որ կորստական արծաթով կամ ոսկիով չէր որ փրկուեցաք ձեր հայրերէն ժառանգած ձեր ունայն կենցաղէն, այլ՝ անբիծ եւ անարատ Գառնուկին՝ Քրիստոսի թանկագին արիւնովը ։ Անիկա աշխարհի ստեղծումէն իսկ առաջ ընտրուած էր, բայց ժամանակներուն վերջաւորութեան երեւցաւ մեզի համար։ Իրմով է որ դուք կը հաւատաք Աստուծոյ. անոր՝ որ մեռելներէն յարուցանեց եւ փառաւորեց զայն, որպէսզի դուք ձեր հաւատքն ու յոյսը Աստուծոյ կապէք։ Արդ, դուք որ ճշմարտութեան հնազանդելով սրբեցիք ձեր անձերը, որպէսզի անկեղծ եղբայրսիրութեամբ ապրիք, սրտանց սիրեցէ՛ք իրար, մաքուր սրտով։ Որովհետեւ Աստուծոյ կենդանի եւ մշտնջենական խօսքով վերստին ծնաք, դուք, իբրեւ զաւակները ո՛չ թէ մահկանացու ծնողքի մը, այլ՝ անմահին։ Որովհետեւ «Բոլոր մարդիկ խոտի պէս են, իրենց ամբողջ փառքն ալ՝ վայրի ծաղիկին պէս։ Խոտը կը չորնայ եւ ծաղիկը կը թափի, բայց Տիրոջ խօսքը յաւիտեան կը մնայ»։ Այդ խօսքը այն Աւետարանն է, որ ձեզի քարոզուեցաւ։ Հետեւաբար մէկդի՛ ձգեցէք ամէն տեսակի չար մտածում ու նենգութիւն, կեղծաւորութիւն ու նախանձ եւ ամէն տեսակի չարախօսութիւն։ Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ՝ Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք։ «Անգամ մը որ Տիրոջ խօսքին համը առնէք, պիտի տեսնէք թէ քաղցր է ան» ։ Մօտեցէ՛ք անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարդոցմէ մերժուած, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմն է։ Այսպիսով դո՛ւք ալ, որպէս կենդանի քարեր, Քրիստոսի վէմին վրայ կը կառուցուիք՝ իբրեւ հոգեւոր տաճար. իւրաքանչիւրդ կը դառնաք անարատ քահանաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հոգեւոր ընդունելի պատարագկը մատուցանէք Աստուծոյ։ Որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.– «Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ ընտրուած վէմ մը, պատուական անկիւնաքար մը. անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»։ Քանի դուք հաւատացիք Քրիստոսի, անիկա ձեզի համար պատուական վէմը եղաւ. մինչդեռ չհաւատացողներուն համար՝ անիկա «Այն քարն է, որ թէպէտ շինողները մերժեցին գործածել, բայց ինք անկիւնաքարը եղաւ», կամ՝ «Այն քարն է, որ գլորումի եւ գայթակղութեան առիթ» պիտի ըլլայ անոնց համար՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը անհամոզիչ գտնելով կը գայթակղին, ինչպէս որ Աստուած նախատեսած էր։ Գալով ձեզի, դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը. եւ ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց։ Որովհետեւ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք, մինչ նախապէս չէիք. հիմա իր ողորմութիւնը կը վայելէք, մինչ նախապէս զրկուած էինք անկէ։ Կ՚աղաչեմ, սիրելինե՛ր, իբրեւ աշխարհի մէջ պանդուխտներ եւ օտարականներ՝ հեռո՛ւ մնացէք մարմնական ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին։ Նայեցէք որ պարկեշտ կենցաղ ունենաք հեթանոսներուն մէջ, որպէսզի իրենք, որ ձեզ կը բամբասեն իբրեւ չարագործ, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն զԱստուած, իր Գալստեան Օրը։ Տիրոջ սիրոյն՝ հնազանդեցէ՛ք բոլոր մարդկային իշխանութիւններուն. ըլլա՛յ թագաւորին, որ վերագոյնն է, ըլլա՛յ կառավարիչներուն, որոնք իր կողմէ նշանակուած են՝ չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար։ Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է՝ որ բարի գործերով պապանձեցնէք անխելք մարդոց տգէտ լեզուները։ Ազատ մարդոց պէս եղէք, բայց՝ իբրեւ Աստուծոյ ծառաներ ։ Ձեր ազատութիւնը չարիք գործելու պատրուակ թող չդառնայ։ Յարգեցէ՛ք բոլորը. ձեր հաւատակից եղբայրները սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէք. թագաւորը պատուեցէք։ Ծառանե՛ր, ամենայն երկիւղածութեամբ հնազանդեցէք ձեր տէրերուն. ո՛չ միայն անոնց՝ որոնք ազնիւ են ու բարի, այլ նաեւ անոնց՝ որոնք անգութ են։ Որովհետեւ Աստուծոյ մէկ շնորհքն է, երբ Աստուծոյ կամքը գիտնալով՝մարդկը համբերէ անիրաւ տեղ կրած նեղութիւններուն։ Արդարեւ, ի՞նչ արժանիք կ՚ունենաք, եթէ ձեր գործած յանցանքներուն համար տանջուիք եւ համբերէք. մինչդեռ երբ բարիք գործելով չարչարուիք եւ համբերէք՝ Աստուծոյ քով շնորհք կը գտնէք։ Այդ համբերութիւնը ցուցաբերելու կոչուած էք դուք, որովհետեւ Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ՝ օրինակ տալով ձեզի, որպէսզի իր հետքերով քալէք։ «Անիկա ոեւէ մեղք չգործեց եւ անոր բերնէն ոեւէ նենգութիւն չլսուեցաւ»։ Նախատուեցաւ, բայց փոխարէնը չնախատեց. չարչարուեցաւ, բայց փոխարէնը չսպառնաց, այլ՝ ինքզինքը Արդար Դատաւորին յանձնեց։ «Մեր մեղքերը ի՛նք կրեց» իր մարմինով՝ խաչին վրայ, որպէսզի մեղքի տիրապետութենէն ազատած՝ արդարութեան համար ապրինք։ «Անոր վէրքերովն էր որ բժշկուեցաք»։ Արդարեւ «մոլորած ոչխարներու պէս» էիք, բայց հիմա վերստին դարձաք Հովիւին, ձեր հոգիներու Տեսուչին։ Դուք ալ, կինե՛ր, հնազանդ եղէք ձերամուսիններուն, որպէսզի նոյնիսկ եթէ ձեր ամուսիններէն ոմանք Աստուծոյ խօսքին հաւատացող չեն՝ հաւատքի գան առանց խօսքի, պարզապէս դիտելով կիներուդ ընթացքը, ձեր պարկեշտ եւ երկիւղած կենցաղը։ Ձեր զարդը արտաքին թող չըլլայ, ո՛չ մազերուն յարդարանքը, ո՛չ ոսկեղէնները եւ ո՛չ ալ զարդարուն հագուստները, այլ՝ սրտին մէջ ծածկուած, հեզ եւ խաղաղ հոգիի մը անկորնչելի գեղեցկութիւնը. եւ ա՛յդ է թանկագինը Աստուծոյ համար։ Որովհետեւ անցեալին ալ, Աստուծոյ յուսացող հաւատացեալ կիները իրենք զիրենք այդպէս կը զարդարէին՝ իրենց ամուսիններուն հնազանդելով, ինչպէս Սառա Աբրահամի կը հնազանդէր՝ զայն «տէր» կոչելով։ Դուք Սառայի դուստրերը եղած կ՚ըլլաք՝ եթէ բարիք ընէք ուրիշներուն եւ ոեւէ բանէ չվախնաք ու չխռովիք։ Իսկ դուք, այրե՛ր, իմաստութեամբ ապրեցէք ձեր կիներուն հետ, պատուելով զանոնք՝ իրենց տկար բնութեան համար, քանի անոնք եւս մեզի հետ պիտի ժառանգեն կեանքիպարգեւը, որ Աստուած պիտի տայ։ Այդպիսով ոեւէ բան պիտի չխանգարէ ձեր աղօթքները։ Ի վերջոյ, ամէնքդ ալ իրարու համախոհ եղէք, ուրախակից եւ ցաւակից իրարու, եղբայրասէր, բարեգութ, խոնարհամիտ։ Չարին փոխարէն չար մի՛ հատուցանէք, ոչ ալ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք. ընդհակառակը՝ օրհնեցէ՛ք. Աստուած ատոր համար կանչեց ձեզ, որպէսզի դուք ալ օրհնութիւն ժառանգէք։ Որովհետեւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Ով որ կ՚ուզէ կեանքը սիրել եւ բարի օրեր տեսնել, թող իր լեզուն պահէ եւ չարութիւն չխօսի, թող իր շրթները փակէ եւ նենգութիւն չխորհի. թող չարէն հեռանայ եւ բարիք գործէ, թող խաղաղութիւն կամենայ ու զայն հետապնդէ։ Որովհետեւ Տիրոջ աչքերը արդարներուն վրայ կը հսկեն եւ ականջները պատրաստ են անոնց աղօթքները լսելու։ Բայց Տէրը հակառակ է չարագործներուն»։ Ո՞վ ձեզի չարիք կը հասցնէ, եթէ դուք բարին գործելու նախանձախնդիր ըլլաք։ Բայց նոյնիսկ եթէ արդարութեան համար չարչարուիք, երանելի էք։ Յիշեցէ՛ք մարգարէին խօսքը. «Անոնց ահէն մի՛ վախնաք եւ մի՛ խռովիք, այլ Տէրը — նոյնինքն՝ Քրիստոսը — փառաւորեցէք» ձեր սիրտերուն մէջ, եւ միշտ պատրաստ եղէք հեզութեամբ եւ երկիւղածութեամբ պատասխան տալու բոլոր անոնց՝ որոնք բացատրութիւն կ՚ուզեն ձեր ունեցած յոյսին մասին։ Թող ձեր խղճմտանքը մաքուր ըլլայ, որպէսզի ամօթով մնան անոնք՝ որ ձեր մասին կը չարախօսեն, ձեր քրիստոնէական բարի կենցաղը բամբասելով։ Որովհետեւ աւելի լաւ է բարիք գործելով չարչարուիլ, եթէ Աստուծոյ կամքը ատիկա է, քան թէ չարիք գործելով։ Քրիստոս ալ, մէկանգամուանհամարչարչարուեցաւ մեր մեղքերուն համար, արդարը՝ մեղաւորներուս համար, որպէսզի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ։ Եւ թէպէտ մեռաւ մարմինով, բայց կենդանի մնաց հոգիով։ Եւ հոգիով ալ՝ գնաց քարոզեց բանտարկուած հոգիներուն, որոնք ատենօք չհնազանդեցան Աստուծոյ, երբ անիկա ներողամտութեամբ կը համբերէր։ Կ՚ակնարկեմ Նոյի օրերուն, երբ անիկա տապանը կը շինէր, որով շատ քիչեր, միայն ութը հոգի ազատեցան ջուրէն։ Ատոր ճշմարիտ պատկերն է այժմ մկրտութիւնը, որ ձեզ կը փրկէ՝ ո՛չ թէ մարմնական աղտը սրբելով, այլ՝ մարդս մաքուր խղճմտանքով Աստուծոյ ընծայելով, Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբը, որ երկինք երթալով Աստուծոյ աջակողմը նստաւ, իր իշխանութեան հնազանդեցնելով հրեշտակները եւ ոգեղէն աշխարհի իշխանութիւններն ու զօրութիւնները։ Արդ, որովհետեւ Քրիստոս մեզի համար չարչարուեցաւ մարմինով, դուք ալ նոյն մտածումով զինուեցէք, որովհետեւ մարմինով չարչարուողը կը դադրի մեղանչելէ, եւ այլեւս չ՚ապրիր մարդկային ցանկութիւններով, այլ՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրի իր կեանքի մնացեալ ժամանակը։ Կը բաւէ՛ որքան անցեալին հեթանոսներուն կամեցած ձեւով ապրեցաք՝ անբարոյութեամբ, հեշտասիրութեամբ, գինեմոլութեամբ, անառակութեամբ, արբեցութեամբ եւ կռապաշտական անօրէն սովորութիւններով։ Հեթանոսներ տարօրինակ կը գտնեն, որ դուք իրենց պէս նոյն սանձարձակ զեղխութիւններուն չէք հետեւիր, եւ կը հայհոյեն ձեզի։ Բայց այդ բոլորին համար պատասխան պիտի տան Աստուծոյ, որ պատրաստ է դատելու ողջերն ու մեռեալները։ Ահա թէ ինչու՝ Քրիստոս գնաց եւ Աւետարանը մեռելներուն ալ քարոզեց, որպէսզի անոնք բոլոր մարդոց պէս իբրեւ մարմին մահուան դատապարտուելով հանդերձ՝ իբրեւ հոգի ապրին, ինչպէս Աստուած կ՚ապրի։ Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. հետեւաբար զգաստ եւ արթուն եղէք, աղօթքի նուիրուելու համար։ Ամէն բանէ առաջ՝ սրտանց սէր ունեցէք իրարու հանդէպ, որովհետեւ «սէրը պատճառ կ՚ըլլայ որ ձեր բազմաթիւ մեղքերը ներուին» ։ Հիւրասիրութիւն ցոյց տուէք իրարու, առանց տրտնջալու։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրաւ տնտես՝ իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ։ Խօսելո՞ւ պարգեւը ունի. թող Աստուծոյ պատգամները մատակարարէ։ Ծառայելո՞ւ պարգեւը ունի. թող ծառայէ՝ որքան որ Աստուած կարողութիւն կու տայ. որպէսզի ամէն ինչով Աստուած փառաւորուի, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Անո՛րն են փառքը եւ զօրութիւնը յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն ։ Սիրելինե՛ր, տարօրինակ մի՛ համարէք ոեւէ փորձութիւն, որ կրակի պէս կ՚այրէ ձեզ։ Անբնական բան մի՛ համարէք զայն, այլ՝ Քրիստոսի չարչարանքներուն մասնակցութիւն նկատեցէք եւ ուրախացէ՛ք, որպէսզի երբ Քրիստոս իր փառքով յայտնուի՝ նոյնպէս ցնծութեամբ ուրախանաք։ Եթէ Քրիստոսի անունին համար նախատուիք՝ երանելի էք, որովհետեւ կը նշանակէ՝ թէ Աստուծոյ փառաւորիչ Հոգին ձեր վրայ հանգչած է։ Խօսքս անոնց մասին չէ, որոնք կը չարչարուին իբրեւ մարդասպան կամ գող, իբրեւ չարագործ կամ խառնակիչ։ Բայց ով որ քրիստոնեայ ըլլալուն համար կը չարչարուի՝ թող չամչնայ, այլ՝ իր այդ անունով զԱստուած փառաւորէ։ Որովհետեւ արդէն ժամանակն է որ դատաստանը սկսի, եւ սկսի Աստուծոյ տունէն։ Իսկ եթէ առաջին դատուողները մե՛նք պիտի ըլլանք, ի՞նչ պիտի ըլլայ վախճանը անոնց՝ որոնք Աստուծոյ Աւետարանին չեն հնազանդիր։ «Եթէ արդարը հազիւ կը փրկուի, անհաւատն ու մեղաւորը ի՞նչ պիտի ըլլան»։ Ուստի, անոնք որ Աստուծոյ կամքին համաձայն կը չարչարուին, թող շարունակեն բարեգործութիւն ընել եւ իրենց հոգիները յանձնեն Ստեղծիչին, որ իր խոստումներուն հաւատարիմ է։ Երէցնե՛ր, որպէս երիցակից մը՝ որ ձեզի պէս վկայեմ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ ձեզի հետ ալ մասնակից պիտի ըլլամ գալիք փառքին որ պիտի յայտնուի, կ՚աղաչե՜մ, ձեզի վստահուած Աստուծոյ հօտը արածեցէք ո՛չ թէ իբր պարտադրանք կատարելով վերակացութեան ձեր պաշտօնը, այլ՝ կամաւորաբար, ինչպէս Աստուած կ՚ուզէ։ Ո՛չ թէ դրամի սիրոյն, այլ՝ յօժարութեամբ։ Ո՛չ թէ ձեզի վստահուած մարդոց պարտադրելով ձեր անձերը, այլ՝ օրինակ ըլլալով ձեր հօտին, որպէսզի երբ Հովուապետը յայտնուի՝ անթառամ փառքի պսակը ընդունիք։ Նոյնպէս ալ դուք, երիտասարդնե՛ր, հնազանդ եղէք ծերերուն։ Բոլորդ ալ խոնարհաբար ծառայեցէք իրարու, որովհետեւ՝ ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.– «Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ»։ Հետեւաբար Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէսզի երբ յարմար ժամանակը գայ՝ ձեզ բարձրացնէ։ Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ ինքը կը հոգայ ձեր մասին։ Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ։ Հաստատուն հաւատքով դէմ դրէք անոր, գիտնալով որ աշխարհի մէջ բոլոր ձեր եղբայրներն ալ նոյն չարչարանքներէն կ՚անցնին։ Եւ բոլոր շնորհքներուն պարգեւիչը՝ Աստուած, որ Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ իր յաւիտենական փառքին կանչեց ձեզ, նկատի ունենալով որ չափով մը մասնակից եղաք Յիսուսի չարչարանքներուն՝ պիտի կազդուրէ, զօրացնէ եւ ամուր հիմերու վրայ հաստատէ ձեզ։ Յաւիտեան ի՛րն են իշխանութիւնն ու փառքը։ Ամէն ։ Այս հակիրճ նամակը ձեզի գրեցի Սիղուանոսի ձեռքով, որ ըստ իս՝ մեր հաւատարիմ եղբայրներէն է, որպէսզի քաջալերեմ ձեզ եւ վստահեցնեմ՝ թէ Քրիստոսի չարչարակից ըլլալը Աստուծմէ տրուած իսկական շնորհք մըն է, որ դուք կը վայելէք ապահովաբար։ Այստեղ, Բաբելոնի մէջ գտնուող եկեղեցին, որ ձեր ընտրելակիցն է, կ՚ողջունէ ձեզ։ Նոյնպէս բարեւներ Մարկոսէն, իմ որդիէս։ Սիրոյ համբոյրով ողջունեցէք իրար։ Խաղաղութի՜ւն ձեր բոլորին, որ Քրիստոս Յիսուսի միացած էք։ Ամէն։ Ես՝ Սիմոն Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառան եւ առաքեալը, կը գրեմ ձեզի՝ որ մեր Աստուծոյն եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի արդար տնօրինութեամբը արժանի եղաք մեզի հետ բաժնելու հաւատքը։ Թող ձեր վայելած շնորհքն ու խաղաղութիւնը առատանան՝ Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ Յիսուսի մասին ձեր ունեցած գիտութեամբը։ Քրիստոս իր աստուածային զօրութեամբ մեզի պարգեւեց ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է աստուածապաշտ կեանքի մը համար, մեզի ճանչցնելով ան՝ որ իր փառքովն ու զօրութեամբը մեզ իրեն կանչեց։ Անիկա թանկագին ու մեծամեծ խոստումներ տուաւ մեզի, որպէսզի անոնցմով հաղորդակից ըլլանք աստուածային բնութեան, ձերբազատուելով աշխարհի մէջ տիրող կորստաբեր ցանկութիւններէն։ Ատոր համար ալ, ամէն ջանք ըրէք՝ որ ձեր հաւատքով առաքինութիւն ձեռք բերէք, առաքինութեամբ՝ գիտութիւն, գիտութեամբ՝ ժուժկալութիւն, ժուժկալութեամբ՝ համբերութիւն, համբերութեամբ՝ աստուածպաշտութիւն, աստուածպաշտութեամբ՝ եղբայրսիրութիւն, եղբայրսիրութեամբ՝ սէր։ Եթէ այս առաքինութիւնները ունենաք, եւ ունենաք միշտ աւելիով, վստահ եղէք՝ որ մեր Տէր Յիսուսի գիտութեամբը կը լեցուիք եւ անգործ ու անպտուղ չէք մնար։ Իսկ ով որ այս առաքինութիւնները չունի՝ միտքով կոյր է ու կարճատես, որովհետեւ մոռցած է իր անցեալի մեղքերէն սրբուած ըլլալը։ Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ջանացէք աւելիո՛վ կառչիլ այն կոչումին, որուն ձեզ հրաւիրեց Աստուած՝ ընտրելով ձեզ։ Եթէ այդպէս վարուիք՝ բնաւ մեղքի մէջ չէք իյնար, եւ այդպիսով ձեզի լայնօրէն իրաւասութիւն կը տրուի մտնելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի յաւիտենական արքայութիւնը ։ Ահա թէ ինչու, միշտ ձեզի պիտի յիշեցնեմ այս բաները, թէպէտեւ դուք գիտէք եւ հաստատուն կը մնաք ձեր ստացած ճշմարտութեան վրայ։ Եւ կը կարծեմ թէ շիտակ կ՚ընեմ ասոնք ձեզի յիշեցնելով, որքան ատեն որ դեռ աշխարհի մէջ եմ, քանի գիտեմ որ շուտով այս աշխարհէն պիտի հեռանամ, ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս յայտնեց ինծի։ Ուստի կը ջանամ ձեզ յորդորել, որ այս աշխարհէն մեկնելէս ետքն ալ միշտ այս բաները յիշէք։ Որովհետեւ, երբ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի զօրութեան եւ անոր երկրորդ գալստեան մասին խօսեցանք ձեզի, շինծու առասպել մը չէր որ ներկայացուցինք, քանի որ անձամբ ականատես եղանք անոր մեծութեան, երբ անիկա փառք եւ պատիւ ստացաւ Հօր Աստուծմէ, որ իր մեծավայելուչ եւ փառաւոր ձայնով անոր համար վկայեց, ըսելով. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ»։ Մենք անձամբ լսեցինք երկինքէն եկող այդ ձայնը, որովհետեւ Յիսուսի հետ միասին էինք սուրբ լերան վրայ։ Ահա թէ ինչու՝ հիմա աւելի ամրօրէն կապուած ենք մարգարէական վկայութիւններուն. եւ լաւ կ՚ըլլայ որ դուք ալ ձեր ուշադրութիւնը դարձնէք անոնց, որովհետեւ անոնք այն ճրագն են՝ որ մութ տեղը լոյս կու տայ, մինչեւ բացուի այն օրուան արշալոյսը եւ Առաւօտեան Աստղը ծագի ձեր սիրտերուն մէջ։ Եւ չմոռնա՛ք բնաւ, որ ոեւէ մէկը ինքն իրմէ չի կրնար բացատրել Սուրբ գիրքերուն մարգարէութիւնները, որովհետեւ մարգարէութիւնները բնաւ մարդոց կամքին ծնունդը չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին մղումով է որ Աստուծոյ մարդիկը խօսեցան զանոնք։ Բայց անցեալին սուտ մարգարէներ ալ կը յայտնուէին ժողովուրդին մէջ, ինչպէս հիմա եւս սուտ ուսուցիչներ պիտի յայտնուին, որոնք կորստաբեր վարդապետութիւններ պիտի սպրդեցնեն ձեր մէջ, ուրանալով Տէրը որ փրկեց զիրենք, եւ արագահաս կորուստի մատնելով իրենք զիրենք։ Շատեր պիտի հետեւին անոնց անառակութիւններուն, որով պատճառ պիտի դառնան որ ճշմարտութեան ճամբան անարգուի։ Ընչաքաղցութենէ մղուած՝ պիտի շահագործեն ձեզ իրենց շինծու խօսքերով. բայց անոնց դատապարտութիւնը սկիզբէն իսկ յայտնի է, անոնց կորուստը պիտի չուշանայ։ Որովհետեւ Աստուած մեղանչած հրեշտակներուն իսկ չխնայեց, այլ՝ զանոնք տարտարոս նետել տուաւ, ուր խաւարին կապանքներով կապուած՝ կը պահուին մինչեւ դատաստանի օրը։ Աստուած չխնայեց նաեւ հին աշխարհին, այլ անհաւատ մարդկութեան վրայ ջրհեղեղ բերաւ, միայն ութ հոգիներ փրկելով, որոնցմէ Նոյը արդար կեանքի մը քարոզիչն էր։ Նոյնպէս, Սոդոմացիներու եւ Գոմորացիներու քաղաքները կործանումի դատապարտելով մոխիրի վերածեց, որպէսզի օրինակ ըլլան գալիք ժամանակներու ամբարիշտ մարդոց։ Իսկ Ղովտը, որ արդար էր եւ զզուած՝ անոնց անբարոյ եւ անառակ կենցաղէն, փրկեց, որովհետեւ անոնց մէջ ապրող այդ արդար մարդը անոնց անօրէն կենցաղին ականատես եւ ականջալուր ըլլալով՝ իր արդար հոգիին մէջ կը տանջուէր ամէն օր։ Եւ այսպէս, Տէրը գիտէ աստուածապաշտները փրկել իրենց փորձութիւններէն ։ Իսկ անիրաւները կը պահէ՝ դատաստանի օրուան տանջանքներուն մատնելու համար։ Մանաւանդ անոնք՝ որոնք մարմնական պղծալից ցանկութիւններու կը հետեւին եւ Աստուծոյ տէրութիւնը կ՚արհամարհեն։ Այս ինքնահաւան եւ յանդուգն սուտ ուսուցիչները չեն վախնար հոգեղէն փառաւոր էակները անարգելէ. մինչդեռ հրեշտակները զօրութեամբ եւ կարողութեամբ իրենցմէ շատ աւելի մեծ ըլլալով հանդերձ՝ անոնց մասին ոեւէ անարգալից ամբաստանութիւն չեն ըներ Տիրոջ ներկայութեան։ Բայց ասոնք իրենց չհասկցած բաները կ՚անարգեն. եւ ինչպէս իրենց բնազդներուն հետեւող անբան անասունները որսացուելով սպաննուելու սահմանուած են, այդպէս պիտի կորսուին իրենք ալ, անասուններու պէս. եւ այդ պատիժը հատուցումը պիտի ըլլայ ուրիշներուն հասցուցած իրենց չարիքներուն։ Հաճոյք կ՚առնեն օր–ցերեկով իրենց զեղխ ցանկութիւնները կատարելէն, եւ իրենց ներկայութեամբ ձեր հաւաքոյթի սեղանները կը պղծեն ու կ՚արատաւորեն, իրենց խաբեբայութիւններովը զուարճանալով։ Իրենց աչքերը շնացող կիներ միայն կը փնտռեն եւ չեն յագենար մեղք գործելէ։ Այդ անիծեալները տկար մարդիկ կը փնտռեն՝ խաբելու համար, եւ իրենց խելքն ու միտքը դրամ դիզելն է։ Ուղիղ ճամբան ձգելով՝ մոլորած են, հետեւելով Բէորի որդի Բաղաամի օրինակին, որ ուզեց անիրաւութեամբ դրամ շահիլ, եւ իր անօրէնութեան համար ալ յանդիմանուեցաւ անխօս էշէն, որ մարդկային լեզուով խօսելով՝ արգելք եղաւ որ մարգարէն այդ անմտութիւնը գործէ։ Այդ մարդիկը ցամքած աղբիւրներ են, հովերէն քշուող մշուշներ, որոնց համար Աստուած խաւար աշխարհի յաւերժական աղջամուղջը վերապահած է։ Որովհետեւ իմաստէ զուրկ մեծ–մեծ խօսքերով եւ մարմնական անառակ ցանկութիւններ գրգռելով՝ կը մոլորեցնեն անոնք, որոնք հազիւ փախած էին ուրիշ մոլորութեանց մէջ ապրող մարդոցմէ։ Ազատութիւն կը խոստանան անոնց, մինչդեռ իրենք գերի են կորուստի տանող մոլութեանց։ Արդարեւ, մարդ ինքզինք ինչ բանի որ կ՚ենթարկէ՝ անոր գերին է։ Անոնք որոնք մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալով՝ աշխարհի պղծութիւններէն անգամ մը հեռանալէ ետք վերստին նոյն պղծութիւններուն մէջ կ՚իյնան, անոնց վիճակը նախկինէն շատ աւելի գէշ կ՚ըլլայ։ Աւելի լաւ կ՚ըլլար՝ որ անոնք բնաւ ճանչցած չըլլային արդարութեան ճամբան, քան թէ ճանչնալէ ետք՝ հեռանային իրենց աւանդուած սուրբ պատուիրանէն։ Ինչքան անոնց կը պատշաճին Առակաց գիրքին սա ճշմարիտ առածները. «Շունը իր փսխածին կը դառնայ». իսկ միւսը՝ «Խոզը որքան ալ լուաս՝ տիղմին մէջ կը թաւալի»։ Սիրելինե՛ր, ասիկա երկրորդ նամակս է որ ձեզի կը գրեմ։ Երկու նամակներովս ալ ուզեցի կարգ մը յիշեցումներով ձեր միտքերը արթնցնել՝ որ ուղիղը մտածէք։ Որպէսզի յիշէք այն պատգամները որ սուրբ մարգարէները կանուխէն խօսեցան, ինչպէս նաեւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին պատուէրը, որ ձեր առաքեալները ձեզի փոխանցեցին։ Բայց այդ մասին նախ հետեւեալը գիտցէք, որ վերջին օրերուն հեգնողներ եւ արհամարհողներ պիտի գան, որոնք իրենց սեփական ցանկութիւններէն առաջնորդուած՝ պիտի հարցնեն. «Ո՞ւր մնաց Քրիստոսի երկրորդ գալստեան խոստումը։ Մեր հայրերը մեռան եւ դեռ ամէն ինչ կը մնայ եղածին պէս, ինչպէս որ էր ստեղծագործութենէն ի վեր»։ Այսպէս խօսողները կամաւոր կերպով կը մոռնան, որ «Աստուած սկիզբէն իր խօսքով ստեղծեց երկինքը». ջուրերէն դուրս բերաւ եւ ջուրերով կազմեց երկիրը, եւ նոյն ջուրերուն հեղեղով է որ երբեմնի աշխարհը աւերուեցաւ ու կորսուեցաւ։ Նոյնպէս ալ, երկինքն ու երկիրը Աստուծոյ նոյն խօսքով կը պահուին՝ կրակին համար, այսինքն՝ դատաստանի օրուան, երբ ամբարիշտ մարդիկը կորուստի պիտի մատնուին։ Սա՛ եւս մի մոռնաք, սիրելինե՛ր, որ Տիրոջ քով մէկ օրը հազար տարուան պէս է եւ հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս։ Տէրը չ՚ուշացներ իր խոստումին կատարումը, այնպէս՝ ինչպէս ոմանք կը հասկնան ուշացումը։ Տէրը պարզապէս համբերատարութիւն ցոյց կու տայ ձեզի հանդէպ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ ոեւէ մէկը կորսուի, այլ՝ կ՚ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարելու առիթ ունենան։ Բայց Տիրոջ օրը անակնկալօրէն պիտի գայ, գողի պէս, երբ երկինքը մեծ շառաչիւնով պիտի չքանայ, երկնային մարմինները պիտի վառին ու հալին, եւ երկիրը իր ամբողջ բովանդակութեամբ պիտի անհետանայ։ Արդ, քանի այս բոլորը այսպէս պիտի չքանան, ի՜նչպիսի անձեր պէտք է ըլլաք դուք։ Մաքուր եւ աստուածապաշտ կեանք մը պէտք է ապրիք, սպասելով եւ ջանալով փութացնել Տիրոջ օրուան գալուստը, երբ երկինք կրակով պիտի այրի ու չքանայ, եւ երկնային մարմինները պիտի վառին ու հալին։ Բայց մենք՝ Աստուծոյ խոստումին համաձայն՝ կը սպասենք նոր երկինքի մը եւ նոր երկրի մը, ուր արդարութիւնը պիտի իշխէ։ Հետեւաբար, սիրելիներ, դուք՝ որ այս բաներուն կը սպասէք, ջանացէք անբիծ եւ անարատ ըլլալ Աստուծոյ աչքին, եւ խաղաղութեամբ ապրիլ։ Եւ Տիրոջ համբերատարութիւնը փրկութիւն համարեցէք ձեզի համար, ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ գրեց ձեզի, Աստուծմէ իրեն շնորհուած իմաստութեամբ։ Անիկա նոյն այս բաներուն մասին խօսած է իր բոլոր նամակներուն մէջ ալ։ Այդ նամակներուն մէջ կարգ մը դժուար հասկնալի մասեր կան, որոնց իմաստը չարափոխումի կ՚ենթարկուի տգէտ եւ փոփոխամիտ մարդոց կողմէ։ Անոնք միւս Սուրբ գիրքերը եւս կը չարափոխեն, իրենց սեփական կորուստը պատրաստելով։ Ուստի դուք, սիրելինե՛ր, սկիզբէն այս բաները գիտնալով՝ զգոյշ եղէք, որ չըլլայ թէ անբարոյ մարդոց մոլորութեան հետեւիք եւ ձեր վստահութիւնը կորսնցնէք։ Այլ, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովն ու գիտութեամբը աճեցէք։ Անոր փառք, թէ՛ այժմ եւ թէ՛ յաւիտենական օրը ։ Ամէն։ Մենք լսեցինք, մերաչքերով տեսանք եւմեր ձեռքերով շօշափեցինք Որդին, Բանը, որ սկիզբէն իսկ կեանքի ստեղծիչն էր։ Անիկա նոյնինքն կեանքն էր, որ յայտնուեցաւ ։ Մենք տեսանք եւ կը վկայենք, ձեզի պատմելով անոր մասին, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքին մասին, որ Հօրը հետ էր եւ այժմ մեզի յայտնուեցաւ։ Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ մասնակից դառնաք այն հաղորդակցութեան որ մենք ունինք Հօրը եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ, եւ ձեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Ահա թէ ինչո՛ւ կը գրենք ձեզի այս նամակը։ Պատգամը, որ իրմէ լսեցինք եւ ձեզի կը փոխանցենք, սա է՝ թէ Աստուած լոյս է, բնաւ խաւար չկայ անոր մէջ։ Արդ, եթէ ըսենք՝ «Հաղորդակից ենք իրեն», եւ միւս կողմէ շարունակենք խաւարի մէջ ապրիլ, կը ստենք ահա եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր։ Իսկ եթէ լոյսի մէջ քալենք, ինչպէս ինք լոյսի մէջ է, այն ատեն ճշմարտապէս հաղորդակից կ՚ըլլանք իրարու, եւ իր Որդւոյն Յիսուսի արիւնը կը սրբէ մեզ ամէն մեղքէ։ Եթէ ըսենք՝ «Մեղք չունինք», մենք մեզ կը խաբենք եւ մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղէք՝ թէ Աստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ պիտի սրբէ մեր բոլոր անիրաւութիւններէն։ Եթէ «Մեղք չգործեցինք» ըսենք, ստախօս կը հանենք զԱստուած, եւ մեր մէջ իր խօսքը չկայ։ Որդեակնե՛րս, այս բաները կը գրեմ ձեզի, որպէսզի մեղքի մէջ չիյնաք։ Իսկ եթէ ոեւէ մէկը մեղքի մէջ իյնայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք միակ Արդարը՝ Յիսուս Քրիստոսը ։ Անիկա՛ է մեր մեղքերը քաւող Զոհը, որ ինքզինք մատուցանեց՝ մեր մեղքերը սրբելու համար. եւ ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերը սրբելու համար։ Եթէ գործադրենք իր պատուիրանները, այն ատեն միայն կը գիտնանք՝ թէ զինք կը ճանչնա՞նք թէ ոչ։ Ով որ կ՚ըսէ՝ «Ես կը ճանչնամ զայն», բայց անոր պատուիրանները չի կատարեր, սուտ կը խօսի եւ իր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Իսկ ով որ կը կատարէ անոր խօսքը, ատով իսկ ցոյց կու տայ՝ թէ իրապէս իր մէջ կատարեալ է Աստուծոյ հանդէպ սէրը։ Ահա այսպէ՛ս կրնանք գիտնալ թէ Քրիստոսի միացած կը մնանք։ Ով որ կ՚ըսէ թէ Քրիստոսի միացած կը մնայ, պէտք է ապրի այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս ինք ապրեցաւ։ Սիրելինե՛ր, նոր պատուիրան մը չէ՛ որ կը գրեմ ձեզի, այլ՝ այն հին պատուիրանը, որ սկիզբէն ունեցաք։ Այդ հին պատուիրանը այն պատգամն է՝ որ լսեցիք արդէն։ Եւ սակայն դարձեալ իբրեւ նոր պատուիրան կը գրեմ ձեզի հետեւեալը, որուն ճշմարիտ ըլլալը տեսաք Քրիստոսի եւ ձեր կեանքերուն մէջ, թէ՝ ահա խաւարը կ՚անցնի եւ արդէն իսկ ճշմարիտ լոյսը կ՚երեւի։ Ով որ կ՚ըսէ՝ թէ ինք լոյսի մէջ է, եւ իր եղբայրը կ՚ատէ, անիկա տակաւին խաւարի մէջ է։ Մինչդեռ իր եղբայրը սիրողը լոյսի մէջ կը մնայ եւ գայթակղութեան պատճառ չի դառնար։ Իր եղբայրը ատողը, ընդհակառակը, խաւարի մէջ է, խաւարի մէջ կը քալէ եւ չի՛ գիտեր ուր կ՚երթայ, որովհետեւ խաւարը կուրցուցեր է իր աչքերը։ Կը գրեմ ձեզի, որդեակնե՛ր, որովհետեւ ձեր մեղքերը ներուած են Քրիստոսի սիրոյն։ Կը գրեմ ձեզի, հայրե՛ր, որովհետեւ ճանչցաք Ան՝ որ սկիզբէն գոյութիւն ունի։ Կը գրեմ ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ յաղթեցիք Չարին ։ Այո՛, գրեցի ձեզի, զաւակնե՛րս, որովհետեւ ճանչցաք Հայրը։ Գրեցի ձեզի, հայրե՛ր, որովհետեւ ճանչցաք Ան՝ որ սկիզբէն գոյութիւն ունի։ Գրեցի ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ Աստուծմով զօրացաք. Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը մնայ, եւ յաղթեցիք Չարին։ Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ աշխարհին յատուկ ոեւէ բան։ Ով որ աշխարհը կը սիրէ՝ Հօր Աստուծոյ հանդէպ սէր չունի իր մէջ։ Որովհետեւ աշխարհին յատուկ բաներն են՝ մարմինի ցանկութիւնը, աչքին տեսածը ունենալու ցանկութիւնը եւ երկրաւոր ինչքերով հպարտանալը, որոնք Հօրմէն չեն գար, այլ՝ այս աշխարհէն։ Գիտցէ՛ք սակայն, աշխարհն ալ կ՚անցնի, աշխարհային ցանկութիւններն ալ. բայց Աստուծոյ կամքը կատարողը ինք՝ յաւիտեան կը մնայ։ Զաւակնե՛րս, վերջին ժամանակը հասեր է։ Դուք լսած էք, թէ Նեռը՝ Քրիստոսի հակառակորդը պիտի գայ։ Արդ ահա բազմաթիւ Քրիստոսի հակառակորդներ երեւան ելած են, որմէ կը գիտնանք թէ վերջին ժամանակն է։ Մեր մէջէն ելան անոնք, բայց մեզմէ չէին. որովհետեւ եթէ մեզմէ ըլլային՝ մեզի հետ ալ պիտի մնային։ Բայց մեզմէ հեռացան, որպէսզի յայտնի ըլլայ՝ թէ անոնցմէ ոեւէ մէկը մեզմէ չէր։ Սակայն դուք Սուրբ Հոգիին պարգեւը ունիք, որովհետեւ անով էր որ ձեզ օծեց Սուրբը, Քրիստոս, եւ դուք գիտէք ամէն բան։ Այս նամակը ձեզի կը գրեմ՝ ո՛չ թէ որովհետեւ ճշմարտութիւնը չէք գիտեր, այլ՝ ընդհակառակը, հաստատելու համար թէ գիտէք զայն, եւ թէ ճշմարտութենէն ոեւէ ստութիւն չի ծնիր։ Հետեւաբար՝ ո՞վ է ստախօսը, եթէ ոչ ան՝ որ կ՚ուրանայ թէ Յիսուսը Քրիստոսն է։ Քրիստոսի հակառակորդն է այնպիսին, որ կ՚ուրանայ թէ՛ Հայրը եւ թէ՛ Որդին։ Որովհետեւ ով որ կը մերժէ Որդին՝ Հայրն ալ մերժած կ՚ըլլայ. իսկ ով որ կ՚ընդունի Որդին՝ Հայրն ալ ընդունած կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար՝ դուք ձեր սրտին մէջ պահեցէք Տիրոջ խօսքերը, որ սկիզբէն լսեցիք։ Եթէ ձեր մէջ պահէք ինչ որ սկիզբէն սորվեցաք, դուք ալ Հօրը եւ Որդիին միացած պիտի մնաք։ Եւ ասիկա նոյնինքն յաւիտենական կեանքն է, որ Քրիստոս մեզի տալ խոստացաւ։ Այս բաները ձեզի կը գրեմ, որպէսզի չըլլա՛յ թէ մէկը ձեզ մոլորեցնէ։ Գալով ձեզի, որքան ատեն որ ձեր մէջ կը մնայ Սուրբ Հոգին, որով Քրիստոս ձեզ օծեց, պէտք չունիք ուրիշ մէկէն սորվելու։ Հոգին ինք կը սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, եւ կը սորվեցնէ ճշմարիտը, եւ ո՛չ թէ ստութիւնը։ Ուստի Քրիստոսի միացած մնացէք, ինչպէս որ Սուրբ Հոգին ձեզի սորվեցուց։ Այո՛, որդեակներս, Քրիստոսի միացած մնացէք, որպէսզի իր գալստեան օրը երբ ինք յայտնուի՝ ամօթով չմնանք, այլ համարձակօրէն կանգնինք իր դիմաց։ Գիտէք թէ արդար է անիկա. ուստի ով որ արդարութիւն կը գործէ՝ անոր հարազատ զաւակն է։ Տեսէք թէ ինչպիսի՜ սիրով Հայրը մեզ սիրեց, ուզելով որ Աստուծոյ որդիներ կոչուինք եւ արդարեւ Աստուծոյ որդիներն ենք։ Աշխարհը մեզ չի ճանչնար, որովհետեւ չճանչցաւ զայն։ Սիրելինե՛ր, այժմ Աստուծոյ որդիներ ենք։ Թէ ի՛նչպէս պիտի ըլլանք յետոյ՝ տակաւին չենք գիտեր։ Բայց գիտենք թէ՝ երբ Քրիստոս յայտնուի՝ իրեն նման պիտի ըլլանք, որովհետեւ զինք պիտի տեսնենք իր իսկութեան մէջ։ Ով որ այս յոյսը ունի՝ ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս որ Քրիստոս ինք մաքուր է։ Ով որ կը մեղանչէ՝ Աստուծոյ Օրէնքը կը խախտէ, եւ մեղքը ինքնին Օրէնքին խախտումն է։ Գիտէք թէ Քրիստոս աշխարհ եկաւ՝ մեր մեղքերը ջնջելու համար, եւ թէ իր մէջ մեղք չկայ։ Ով որ Քրիստոսի միացած կը մնայ՝ չի մեղանչեր. իսկ ով որ կը մեղանչէ՝ զայն երբեք տեսած ու ճանչցած չէ։ Որդեակնե՛րս, թող ոեւէ մէկը ձեզ չխաբէ։ Ով որ արդարութիւն կը գործէ՝ արդար է, ինչպէս Քրիստոս ինք արդար է։ Իսկ ով որ մեղք կը գործէ՝ Սատանային հետեւող մըն է, որովհետեւ Սատանան սկիզբէն ի վեր մեղք կը գործէ։ Եւ Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկաւ՝Սատանային գործունէութեան վերջ դնելու համար։ Ով որ Աստուծոյ զաւակ դարձած է՝ մեղք չի գործեր, որովհետեւ Աստուծոյ կեանքին հաղորդակից կը մնայ։ Այլեւս կը դադրի մեղանչելէ, քանի Աստուծոյ զաւակ կը դառնայ։ Ահա այսպէ՛ս կը զանազանուին Աստուծոյ որդիներն ու Սատանային որդիները.– Ով որ արդարութիւն չի գործեր՝ Աստուծոյ որդի չէ. ով որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ նոյնպէս Աստուծոյ որդի չէ։ Պատուիրանը, որ սկիզբէն իսկ լսեցիք, սա է՝ որ սիրենք իրար։ Հետեւաբար չըլլա՛նք Կայէնին պէս, որ Չարին օրինակին հետեւելով՝ իր եղբայրը սպաննեց։ Եւ ինչո՞ւ սպաննեց. որովհետեւ իր գործերը չար էին, մինչ եղբօր գործերը՝ բարի։ Եղբայրնե՛ր, մի՛ զարմանաք երբ աշխարհը ձեզ ատէ։ Մենք գիտենք՝ թէ մահէն կեանքի անցած ենք. ապացոյց՝ որ մեր եղբայրները կը սիրենք։ Ով որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ մահուան ենթակայ կը մնայ։ Ով որ իր եղբայրը կ՚ատէ՝ մարդասպան մըն է. եւ գիտէք թէ ոեւէ մարդասպան յաւիտենական կեանքը չունի իր մէջ։ Մենք սէրը ճանչցանք անով՝ որ Քրիստոս իր կեանքը զոհեց մեզի համար։ Հետեւաբար մե՛նք եւս մեր կեանքը պէտք է զոհենք մեր եղբայրներուն համար։ Այն մարդը, որ նիւթական ամէն բարիք ունի, եւ տեսնելով հանդերձ թէ իր մէկ եղբայրը օգնութեան կարօտ է՝ իր գութը չի շարժիր, ի՞նչպէս կրնայ ըսել՝թէ Աստուծոյ սէրը ունի իր մէջ։ Որդեակնե՛ր, մեր սէրը միայն խօսքով ու լեզուով թող չըլլայ, այլ՝ գործով արտայայտուած ճշմարիտ սէր։ Ահա այսպէ՛ս կը գիտնանք՝ թէ ճշմարտութեան հետեւող կը մնանք։ Այսպէս նաեւ մեր սիրտերը վստահութիւն կ՚ունենան Աստուծոյ առջեւ կանգնելու։ Նոյնիսկ եթէ մեր խիղճը ոեւէ յանցանքով մեզ մեղադրէ, չմոռնանք՝ որ Աստուած մեր խիղճէն աւելի մեծ է եւ ամէն բան գիտէ։ Իսկ եթէ մեր խիղճը մեզ չի մեղադրեր, սիրելինե՛ր, համարձակ կերպով կրնանք դիմել Աստուծոյ, եւ ինչ որ ալ խնդրենք իրմէ՝ կը ստանանք, որովհետեւ իր պատուիրանները կը գործադրենք եւ կը կատարենք ինչ որ հաճելի է իրեն։ Եւ իր պատուիրանը սա է, որ հաւատանք իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի, եւ սիրենք իրար, ինչպէս որ մեզի պատուիրեց։ Արդ, ով որ Աստուծոյ պատուիրանները կը գործադրէ՝ Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն։ Իսկ Աստուծոյ մեզի միացած մնալուն ապացոյցը՝ Սուրբ Հոգին է, որ Աստուած մեզի տուաւ։ Սիրելինե՛ր, մի՛ հաւատաք ամէն մարդու՝ որ կ՚ըսէ թէ Աստուծոյ Հոգին ունի։ Փորձեցէ՛ք զանոնք, գիտնալու համար՝ թէ իրապէս Աստուծո՞յ Հոգիով կը խօսին. որովհետեւ բազմաթիւ սուտ մարգարէներ երեւան ելած են աշխարհի մէջ։ Հետեւեալ ձեւով կրնաք ճանչնալ Աստուծոյ Հոգիով խօսողները.– Ով որ կը խոստովանի թէ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ գալով իրապէս մարդացաւ՝ անիկա Աստուծոյ Հոգիով է որ կը խօսի։ Իսկ ով որ չի՛ խոստովանիր թէ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ գալով մարդացաւ՝ անիկա Աստուծոյ Հոգիով չէ՛ որ կը խօսի, այլ Նեռին՝ Քրիստոսի հակառակորդին դրդումովը. անոր՝ որուն մասին լսած էիք թէ պիտի գայ, եւ ահա արդէն իսկ աշխարհի մէջ է։ Որդեակնե՛ր, դուք Աստուծմէ ծնած էք եւ յաղթեցիք այդ սուտ մարգարէներուն, որովհետեւ ձեր մէջ եղող Աստուծոյ Հոգին աւելի մեծ է քան Քրիստոսի հակառակորդին հոգին, որ կը գտնուի աշխարհին պատկանողներուն մէջ։ Անոնք աշխարհին կը պատկանին եւ աշխարհին ուզած ձեւով կը խօսին, ատոր համար ալ աշխարհը մտիկ կ՚ընէ զիրենք։ Մինչդեռ մենք Աստուծոյ կը պատկանինք. ով որ զԱստուած կը ճանչնայ՝ մտիկ կ՚ընէ մեզ. իսկ ով որ Աստուծոյ չի պատկանիր՝ մտիկ չ՚ըներ մեզ։ Ահա այսպէ՛ս է որ կը զանազանենք ճշմարտութեան հոգին եւ խաբէութեան հոգին։ Սիրելինե՛ր, սիրե՛նք իրար, որովհետեւ սէրը Աստուծոյ պարգեւն է. ուստի ով որ կը սիրէ՝ Աստուծմէ ծնած է եւ զԱստուած կը ճանչնայ։ Իսկ ով որ չի սիրեր՝ զԱստուած չի ճանչնար, որովհետեւ Աստուած սէր է։ Աստուծոյ սէրը հետեւեալ ձեւով մեզի յայտնուեցաւ.– Աստուած իր միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի անով կեանք ունենանք։ Այս է ահա ճշմարիտ սէրը. ո՛չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած ինք սիրեց մեզ եւ իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերը քաւող իբրեւ Զոհ։ Սիրելինե՛ր, եթէ Աստուած այսպէս սիրեց մեզ, ապա ուրեմն մե՛նք եւս պէտք է իրար սիրենք։ Ոեւէ մէկը բնաւ զԱստուած չէ տեսած։ Եթէ իրար սիրենք՝ կը նշանակէ թէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեր մէջ կատարեալ է եւ Աստուած մեզի միացած կը մնայ։ Ապացոյցը, թէ մենք Աստուծոյ միացած կը մնանք եւ Աստուած՝ մեզի, նոյնինքն իր Հոգին է, որ Աստուած մեզի տուաւ։ Եւ մենք տեսանք ու կը վկայենք, թէ Հայրը իր Որդին ղրկեց, որպէսզի անիկա աշխարհի Փրկիչը ըլլայ։ Ով որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է՝ Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ անոր։ Եւ մենք հաւատացինք ու ճանչցանք այն սէրը, որ Աստուած ունի մեզի հանդէպ։ Աստուած սէր է։ Ով որ սիրոյ մէջ կը մնայ՝ անիկա Աստուծոյ միացած կը մնայ եւ Աստուած ալ՝ իրեն միացած։ Եթէ Աստուծոյ հանդէպ սէրը այսպէս կատարեալ է մեր մէջ, դատաստանին օրը համարձակ կերպով կը կանգնինք Աստուծոյ դիմաց, որովհետեւ այս աշխարհի մէջ կ՚ապրինք ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս ինք ապրեցաւ։ Սէր ունեցողը վախ չունի, որովհետեւ կատարեալ սէրը ամէն վախ կը փարատէ։ Արդարեւ վախը պատիժի հետ կապ ունի, եւ ով որ կը վախնայ՝ սիրոյ մէջ կատարեալ չէ։ Հետեւաբար՝ մենք սիրե՛նք զԱստուած, որովհետեւ նախ ինք մեզ սիրեց։ Այն մարդը որ կ՚ըսէ՝ «Ես կը սիրեմ զԱստուած», բայց իր եղբայրը կ՚ատէ, ստախօս մըն է։ Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ։ Մինչդեռ Քրիստոսի մեզի տուած պատուէրը սա է.– Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ։ Ով որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Օծեալն է՝ անիկա Աստուծմէ ծնած է. իսկ ով որ ծնողը կը սիրէ, անկէ ծնածն ալ կը սիրէ։ Հետեւաբար, եթէ զԱստուած կը սիրենք եւ անոր պատուիրանները կը կատարենք՝ կը նշանակէ թէ կը սիրենք նաեւ Աստուծոյ զաւակները։ Արդարեւ, Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կ՚արտայայտենք՝ անոր պատուիրանները գործադրելով։ Իսկ անոր պատուիրանները գործադրելը դժուար չէ, որովհետեւ ով որ Աստուծմէ ծնած է՝ կը յաղթէ աշխարհին։ Եւ աշխարհին վրայ յաղթանակ տանողը մեր հաւատքն է։ Արդ, ո՞վ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ան՝ որ կը հաւատայ թէ Յիսուսն է Աստուծոյ Որդին։ Ի՛նքն էր, Յիսուս Քրիստոսը, որ մեզ սրբելու եկաւ իր մկրտութեամբ եւ իր արիւնով ։ Ո՛չ միայն ջուրով, այլ՝ ջուրով եւ արիւնով։ Եւ Սուրբ Հոգին ինք կը վկայէ ատոր ճշմարտութեան, որովհետեւ Հոգին ինք ճշմարտութիւնն իսկ է։ Եւ այս երեք վկաները՝ Սուրբ Հոգին, մկրտութեան ջուրը եւ արիւնը, երեքն ալ նոյն վկայութիւնը կու տան։ Եթէ մարդոց վկայութիւնը կ՚ընդունինք, ի՞նչպէս չընդունինք Աստուծոյ վկայութիւնը, որ աւելի մեծ է. իսկ Աստուծոյ վկայութիւնը՝ իր Որդիին համար տուած վկայութիւնն է։ Ով որ Աստուծոյ Որդիին կը հաւատայ՝ իր մէջ ունի այս վկայութիւնը. իսկ ով որ չի հաւատար՝ ստախօս կը հանէ զԱստուած, որովհետեւ չի հաւատար այն վկայութեան, որ Աստուած իր Որդիին համար կու տայ։ Իսկ տրուած վկայութիւնը սա է, թէ Աստուած յաւիտենական կեանք տուաւ մեզի, եւ այդ կեանքին աղբիւրը Որդին ինքն է։ Հետեւաբար, ով որ Աստուծոյ Որդին իր մէջ ընդունած է՝ այդ կեանքը ունի. իսկ ով որ չունի Որդին՝ յաւիտենական կեանք ալ չունի։ Ասիկա գրեցի ձեզի, Աստուծոյ Որդիին հաւատացողներուդ, որպէսզի գիտակցիք՝ թէ յաւիտենական կեանք ունիք։ Ուստի համարձակ կերպով կը դիմենք Աստուծոյ, այն վստահութեամբ՝ որ երբ իր կամքին համաձայն բան մը խնդրենք՝ կը լսէ մեզ։ Եւ երբ գիտենք թէ մեր խնդրանքները կը լսէ, գիտենք նաեւ՝ թէպիտի ստանանք ինչ որ կը խնդրենք իրմէ։ Երբ մէկը տեսնէ, թէ իր հաւատացեալ եղբայրներէն մէկը գործեց մեղք մը որ մահացու չէ, թող աղօթէ՛ Աստուծոյ՝ որ կեանք տայ անոր։ Ասիկա կ՚ըսեմ միայն անոնց համար՝ որոնց մեղքերը մահացու չեն, որովհետեւ մահացու մեղքեր ալ կան, որոնց համար չեմ ըսեր որ աղօթէ։ Ամէն անիրաւութիւն մեղք է, բայց ամէն մեղք մահացու չէ։ Գիտենք, թէ ով որ Աստուծմէ ծնած է՝ չի մեղանչեր, այլ Աստուծոյ ծնունդը՝ Քրիստոս կը պահպանէ զայն եւ Չարը անոր չի մօտենար։ Թէպէտ ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ ըլլայ, մենք գիտենք թէ Աստուծմէ ենք։ Եւ գիտենք՝ թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ ու բացաւ մեր միտքերը, որպէսզի ճանչնանք ճշմարիտ Աստուածը։ Մենք միացած ենք ճշմարիտ Աստուծոյ եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի։ Ա՛ն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը ։ Որդեակնե՛ր, դուք ձեզ կուռքերէ հեռո՛ւ պահեցէք։ Ես՝ Երէցս, քեզի՛ կը գրեմ, ո՜վ Աստուծմէ ընտրեալ Տիրուհի, եւ կը գրեմ որդեակներուդ, որոնք ճշմարտապէս կը սիրեմ։ Ո՛չ միայն ես, այլ՝ ճշմարտութիւնը ճանչցողները բոլորը կը սիրեն ձեզ, այն ճշմարտութեան համար՝ որ մեր մէջ հաստատ կը մնայ եւ մեզի հետ ալ պիտի մնայ ընդմիշտ։ Թող Հայրն Աստուած եւ Հօրը Որդին՝ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւեն ձեզի, որպէսզի ճշմարտութեան եւ սիրոյ մէջ մնաք։ Չափազանց ուրախ եղայ, տեսնելով որդեակներէդ ոմանք, որոնք ճշմարիտ հաւատքին վայել կեանք մը կ՚ապրին, Հօր Աստուծմէ մեր ստացած պատուիրանին համաձայն։ Եւ հիմա կը խնդրեմ, ո՛վ Տիրուհի. նոր պատուիրան մը չէ՛ որ կը գրեմ քեզի, այլ՝ սկիզբէն իսկ մեր ունեցած պատուիրանը, որ սիրենք իրար։ Այս սէրը կը նշանակէ՝ Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն ապրիլ. իսկ պատուիրանը, ինչպէս սկիզբէն սորվեցաք, սա է՝ որ սիրով պէտք է ապրինք։ Աշխարհի մէջ բազմաթիւ մոլորեցուցիչներ մէջտեղ ելեր են, որոնք կը մերժեն ընդունիլ՝ թէ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ գալով իրապէս մարդացաւ։ Այդպիսիները մոլորեցուցիչ են եւ Քրիստոսի հակառակորդ։ Նայեցէք որ չկորսնցնէ՛ք ինչ որ ծանր աշխատանքով շահեցաք, այլ՝ ձեր վարձատրութիւնը լման ստանաք։ Ով որ Քրիստոսի ուսուցումներուն դէմ կը մեղանչէ եւ անոնց կապուած չի մնար, անիկա զԱստուած իր մէջ չունի։ Իսկ ով որ անոր ուսուցումներուն կապուած կը մնայ, անիկա թէ՛ Որդին ունի իր մէջ եւ թէ՛ Հայրը։ Եթէ ձեզի գայ մէկը՝ որ այսպէս չ՚ուսուցաներ, զայն ձեր տուները մի՛ ընդունիք եւ նոյնիսկ բարեւ մի՛ տաք անոր։ Որովհետեւ անոր բարեւ տուողը անոր չար գործերուն մասնակից կը դառնայ։ Դեռ շատ բան ունէի քեզի ըսելիք, բայց չուզեցի թուղթին ու մելանին յանձնել, որովհետեւ յոյս ունիմ որ շուտով ես անձամբ կու գամ ձեր մօտ եւ դէմ առ դէմ կը խօսիմ ձեզի, որպէսզի մեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Քու ընտրելակից քոյր Եկեղեցիիդ անդամները քեզի բարեւ ունին։ Աստուծոյ շնորհքը ձեզի հետ ըլլայ։ Ես՝ Երէցս, քեզի՛ կը գրեմ, սիրելի՛ Գայիոս, զոր ճշմարտապէս կը սիրեմ։ Սիրելի՛ս, կ՚աղօթեմ որ բոլոր գործերուդ մէջ յաջողութիւն ունենաս եւ առողջ ըլլաս մարմինով, ինչպէս որ առողջ ես հոգիով։ Չափազանց ուրախ եղայ, երբ մեր եղբայրները եկան եւ վկայեցին՝ թէ ի՛նչպէս ճշմարիտ հաւատքին վայել կեանք մը կ՚ապրիս, ինչպէս գիտէի որ կ՚ապրիս։ Ինծի համար չկայ աւելի մեծ ուրախութիւն, քան լսել՝ թէ իմ որդեակներս ճշմարիտ հաւատքին համաձայն կ՚ապրին։ Սիրելի՛ս, դուն հաւատքիդ համաձայն է որ կ՚ընես՝ ինչ որ կ՚ընես հաւատացեալ եղբայրներուն, նոյնիսկ՝ անծանօթ եղողներուն։ Եւ անոնք են որ եկեղեցիին առջեւ վկայեցին քու ցուցաբերած սիրոյդ մասին։ Խնդրեմ, տո՛ւր իրենց պէտք եղածը եւ այնպէս զիրենք ճամբու դիր, ինչպէս կը վայելէ Աստուծոյ գործին մէջ եղողներուն։ Որովհետեւ Քրիստոսի անունը տարածելու ելան, առանց հեթանոսներէն ոեւէ օգնութիւն ակնկալելու։ Հետեւաբար, մեր պարտականութիւնն է այնպիսիները ընդունիլ, որպէսզի ճշմարտութեան համար տարած իրենց աշխատանքին գործակից եղած ըլլանք։ Այս մասին ձեր եկեղեցիին նամակ մը գրած էի. բայց Դիոտրեֆէսը, որ միակ ղեկավարը կ՚ուզէ ըլլալ՝ մերժեց մեզմէ ոեւէ հրահանգ ստանալ։ Ատոր համար ալ, երբ որ գամ՝ պիտի յիշեցնեմ իր ըրածները, մեր հասցէին ըրած չարամիտ զրպարտութիւնները։ Եւ դեռ ատով ալ չբաւարարուելով, ո՛չ միայն ինք չ՚ընդունիր մեր կողմէ ղրկուած եղբայրները, այլ՝ ընդունողներուն եւս արգելք կ՚ըլլայ, եւ մինչեւ իսկ զանոնք եկեղեցիէն կ՚արտաքսէ։ Սիրելի՛ս, չարը թող օրինակ չըլլա՛յ քեզի, այլ՝ բարիէն օրինակ առ. որովհետեւ բարին գործողը Աստուծմէ ծնած է, մինչդեռ չար գործողը երբեք զԱստուած տեսած չէ։ Գալով Դեմետրիոսին, ամէնքն ալ լաւ վկայութիւն կու տան իր մասին, թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ ճշմարտութիւնը ինք։ Մենք ալ կը վկայենք իր մասին, եւ գիտես թէ մեր վկայութիւնը ճշմարիտ է։ Շատ բան ունիմ քեզի ըսելիք, բայց չեմ ուզեր թուղթին ու մելանին յանձնել։ Յոյս ունիմ որ շուտով կու գամ, կը տեսնեմ քեզ եւ դէմ առ դէմ կը խօսինք։ Խաղաղութի՜ւն քեզի։ Այստեղի բարեկամներդ քեզի բարեւ ունին։ Դուն ալ բարեւ ըրէ մեր բարեկամներուն, իւրաքանչիւրին առանձին։ Ես՝ Յուդա, Յիսուս Քրիստոսի ծառան եւ Յակոբոսի եղբայրը, կը գրեմ ձեզի՝ բոլոր ազգերուդ, որ Հայրն Աստուած սիրեց եւ ընտրեց, եւ Յիսուս Քրիստոս պահպանեց։ Թող Աստուած իր ողորմութիւնը, խաղաղութիւնն ու սէրը առատացնէ ձեր վրայ։ Սիրելինե՛ր, միշտ ալ կը փափաքէի ձեզի գրել մեր հասարակաց փրկութեան մասին։ Բայց հիմա անհրաժեշտ նկատեցի գրել եւ խնդրել ձեզմէ՝ որ պայքարիք հաւատքին համար, որ ձեզի՝ Աստուծոյ ընտրեալներուդ աւանդուեցաւ միանգամընդմիշտ։ Որովհետեւ կարգ մը անձեր սպրդեցան եւ հաւատացեալներու շարքերուն մէջ մտան։ Անհաւատ այդ մարդիկը մեր Աստուծոյ շնորհքը պատմող Աւետարանը չարափոխելով՝ իրենց անբարոյ ընթացքին պատշաճեցուցին, մերժելով իբրեւ միակ եւ ամենիշխան Տէր ճանչնալ Յիսուս Քրիստոսը։ Այդպիսիներուն ստանալիք դատապարտութիւնը կանուխէն գրուած է Սուրբ գիրքերուն մէջ։ Արդ, կ՚ուզեմ ձեզի յիշեցնել, թէպէտ դուք այդ բոլորը գիտէք, թէ ի՛նչպէս Տէրը, անցեալին, իր ժողովուրդը Եգիպտոսէն ազատելէ ետք՝ կորուստի մատնեց անհաւատները։ Յիշեցէ՛ք նոյնպէս, թէ ի՛նչպէս վարուեցաւ այն հրեշտակներուն հետ, որոնք իրենց տրուած իշխանութեամբ չգոհանալով՝ իրենց սահմաններէն դուրս եկան, եւ Աստուած զանոնք մշտնջենական շղթաներով կապուած կը պահէ խաւարին մէջ, մինչեւ որ դատաստանի մեծ օրը գայ։ Յիշեցէ՛ք նաեւ Սոդոմն եւ Գոմորը եւ շրջակայ քաղաքները, որոնց բնակիչները նոյնպէս Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան եւ անբնական կիրքերու եւ պոռնկութեան անձնատուր եղան, եւ հիմա յաւիտենական կրակի դատապարտութիւնը կը կրեն՝ իբրեւ օրինակ բոլորին։ Ճիշդ նոյն ձեւով, այս երազատես մարդիկը եւս իրենց մարմինները կը պղծեն, Աստուծոյ տէրութիւնը արհամարհելով եւ հոգեղէն փառաւոր էակները անարգելով։ Նոյնիսկ Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ բանսարկու Սատանային հետ կը վիճէր՝ թէ ո՛վ պիտի առնէր Մովսէսի մարմինը, չյանդգնեցաւ անարգական բառերով դատապարտել զայն, այլ պարզապէս ըսաւ. «Տէ՛րը թող քեզ պատժէ»։ Մինչդեռ այս մարդիկը իրենց չգիտցած բաները կ՚անարգեն։ Իրենց ամբողջ գիտցածը՝ իրենց բնազդական ցանկութիւններն են, որոնց կը հետեւին անբան անասուններու պէս, եւ որոնք իրենց կործանումին պատճառ պիտի ըլլան։ Վա՜յ անոնց, որոնք Կայէնի գացած ճամբով գացին։ Դրամի սիրոյն՝ մոլորութեան մէջ ինկան, Բաղաամին պէս, եւ իրենց ապստամբութեան համար ալ պիտի կորսուին, Կորխին պէս։ Անոնց ներկայութիւնը կ՚արատաւորէ ձեր սիրոյ հաւաքոյթի սեղանները, ուր անոնք անպատկառօրէն կու գան ձեզի խրախճանակից ըլլալու, միայն իրենց փորը լեցնելու համար։ Անոնք հովերէն քշուող ամպերու պէս են, որոնք անձրեւ չեն թափեր, կամ ծառերու պէս՝ որոնք նոյնիսկ աշնան՝ պտուղ չեն տար. անոնք արմատախիլ եղած ըլլալով՝ կրկնապէս մեռած են։ Այո՛, ծովու կատաղի ալիքներուն կը նմանին, որոնց ամօթալի գործերը միշտ երեսը կ՚ելլեն, փրփուրին պէս։ Աստղերու թռչող բեկորներ են, որոնց տեղը՝ իրենց վերապահուած յաւիտենական թանձր խաւարն է։ Ճիշդ անոնց համար էր որ մարգարէացաւ Ենովք, Ադամէն ետք եկող եօթներորդ նահապետը, ըսելով. «Ահաւասիկ Տէրը իր բիւրաւոր սուրբ հրեշտակներով կու գայ, դատաստանի ենթարկելու համար զանոնք բոլորը, դատապարտելու համար զանոնք իրենց գործած բոլոր ամբարիշտ գործերուն եւ լիրբ արտայայտութիւններուն համար, որ անոնք՝ այդ անհաւատ մեղաւորները արտաբերեցին իրեն դէմ»։ Միշտ տրտնջացող եւ քննադատող այդ մարդիկը իրենց սեփական ցանկութիւններուն ետեւէն կը վազեն, պոռոտախօսութիւն կ՚ընեն եւ ասոր–անոր գովասանք կը շռայլեն՝ իրենց սեփական շահուն համար։ Բայց դուք, սիրելինե՛ր, յիշեցէք այն՝ ինչ որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի բոլոր առաքեալները կանուխէն յայտնեցին ձեզի, ըսելով՝ թէ «Վերջին ժամանակներուն ամէն ինչ արհամարհող մարդիկ պիտի գան, որոնք իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններով պիտի առաջնորդուին»։ Ահա ճիշդ ասոնք են, որ ձեր մէջ բաժանումներ յառաջ պիտի բերեն, մարդիկ՝ որոնք մարմնաւոր ցանկութիւններով կ՚առաջնորդուին եւ Սուրբ Հոգին չունին իրենց մէջ։ Սակայն դուք, սիրելինե՛ր, իրարու հոգեւոր աճումին օգնեցէք ձեր սուրբ հաւատքովը։ Սուրբ Հոգիին օգնականութեամբը աղօթեցէք, եւ դուք ձեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք, սպասելով որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր ողորմութեամբ յաւիտենական կեանքը տայ ձեզի։ Հաւատքին մէջ կասկածներ ունեցողները ամրապնդեցէ՛ք։ Ուրիշները դատապարտութեան կրակէն խլելով փրկեցէք։ Ողորմութիւն ցուցաբերեցէք նաեւ անոնց, որոնք մեղքերու մէջ են։ Բայց զգո՜յշ, ատեցէ՛ք անոնց մեղսալից կեանքը։ Արդ, անոր՝ որ կրնայ ձեզ անկումներէ փրկել, պահել անարատ եւ անբիծ, եւ անխառն ուրախութեամբ լեցուն՝ իր փառաւոր ներկայութեան կանգնեցնել, միակ Աստուծոյն՝ որ մեր փրկիչն է՝ փա՜ռք տուէք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Անո՛ր են փառքը, մեծութիւնը, զօրութիւնն ու իշխանութիւնը, թէ՛ բոլոր ժամանակներէն առաջ, թէ՛ այժմ եւ թէ՛ գալիք բոլոր ժամանակներուն։ Ամէն։ Ասիկա այն յայտնութիւնն է, որ Յիսուս Քրիստոս կատարեց։ Աստուած այս յայտնութիւնը տուաւ Քրիստոսի, որպէսզի ան իր ծառաներուն ցոյց տայ՝ թէ ի՛նչ պիտի պատահի շուտով։ Քրիստոս ասիկա իր հրեշտակին միջոցաւ յայտնեց իր ծառային՝ Յովհաննէսի, որ վկայեց իր տեսած բոլոր բաներուն մասին։ Այս վկայութիւնը ձեզի կը բերէ Աստուծոյ խօսքը եւ Յիսուս Քրիստոսի տուած վկայութիւնը։ Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ինչ որ այս գիրքին մէջ գրուած է, եւ երանի՜ անոնց որոնք կը լսեն ու կը պահեն այս մարգարէութեան պատգամները, որովհետեւ ժամանակը մօտեցած է։ Յովհաննէսէն՝ Ասիա նահանգին մէջ գտնուող եօթը եկեղեցիներուն.– Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի անկէ՝ որ է, որ էր եւ որ պիտի գայ, եւ եօթը հոգիներէն, որոնք Աստուծոյ գահին դիմաց են, եւ Յիսուս Քրիստոսէն՝ հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներէն յարութիւն առնողներուն առաջինն է եւ երկրի թագաւորութիւններուն Իշխանը։ Անիկա մեզ սիրեց եւ իր արիւնով մեր մեղքերուն շղթաները փշրեց, ու մեզ ըրաւ քահանաներու թագաւորութիւն մը, ծառայելու Աստուծոյ՝ իր Հօր։ Փառք ու զօրութի՜ւն իրեն յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն ։ Ահա անիկա կու գայ ամպերու վրայ։ Ամէն մարդ պիտի տեսնէ զայն, նաեւ անոնք՝ որոնք խոցեցին զինք։ Երկրի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան անոր վրայ։ Այո՛, թող այդպէս ըլլայ. «Ես եմ Այբը եւ ես եմ Ֆէն», այսինքն՝ Սկիզբն ու Վախճանը, կ՚ըսէ Տէր Աստուած, ան՝ որ է, որ էր եւ որ պիտի գայ, ինք՝ Ամենակալը։ Ես, Յովհաննէս, ձեր եղբայրն եմ եւ Յիսուս Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ մասնակից եմ ձեր նեղութեան, արքայութեան, յոյսին եւ համբերութեան։ Աստուծոյ խօսքին եւ Յիսուս Քրիստոսի վկայելուս համար՝ Պատմոս կոչուած կղզին աքսորուած էի։ Եւ ահա Կիրակի օր մը, Սուրբ Հոգիով լեցուեցայ եւ ետեւէս փողի հնչիւնի նման զօրաւոր ձայն մը լսեցի, որ ինծի կ՚ըսէր. –Գիրքի մը մէջ գրի՛ առ ինչ որ կը տեսնես, եւ գիրքը ղրկէ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք կը գտնուին Եփեսոսի, Զմիռնիայի, Պերգամոնի, Թիատիրի, Սարդիկէի, Ֆիլատելֆիայի եւ Լաւոդիկիայի մէջ։ Ետեւ դարձայ՝ տեսնելու համար թէ ո՛վ էր հետս խօսողը, եւ տեսայ եօթը ոսկի ճրագարաններ։ Այդ եօթը ճրագարաններուն միջեւ Մարդու Որդիին նմանող մէկը տեսայ, որ երկար պատմուճան հագած էր եւ կուրծքին՝ ոսկի գօտի կապած։ Անոր գլխուն մազերը բուրդի պէս ճերմակ էին, սպիտակ՝ ձիւնի պէս, աչքերը՝ կրակի բոցի պէս, անոր ոտքերը բոցավառ հնոցէն ելած հրաշէկ անագապղինձի կը նմանէին, եւ ձայնը՝ առատահոս ջուրերու շառաչին։ Անիկա իր աջ ձեռքին մէջ բռնած էր եօթը աստղեր, եւ անոր բերանէն կ՚ելլէր սրուած երկսայրի սուր մը։ Անոր դէմքը կէսօրուան արեւուն նման կը փայլէր։ Երբ զայն տեսայ, մեռելի նման ինկայ անոր ոտքերուն առջեւ։ Անիկա իր աջ ձեռքը դրաւ վրաս եւ ըսաւ. –Մի՛ վախնար։ Ես եմ Սկիզբը եւ ես եմ Վախճանը։ Ես եմ կենդանի եղողը եւ ես եմ որ մեռայ եւ ահաւասիկ կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից։ Մահուան ու դժոխքի բանալիները իմ ձեռքս են։ Ուրեմն գրէ՛ ինչ որ կը տեսնես, ինչ որ հիմա կը պատահի եւ ինչ որ այսուհետեւ պատահելիք է։ Եօթը աստղերուն, որ կը տեսնես աջ ձեռքիս մէջ, եւ եօթը ոսկի ճրագարաններուն իմաստը հետեւեալն է.– Եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են, իսկ եօթը ճրագարանները՝ եօթը եկեղեցիները։ Եփեսոսի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ ան՝ որ իր աջ ձեռքին մէջ ունի եօթը աստղերը եւ որ կը շրջի եօթը ոսկի ճրագարաններուն միջեւ.– Գիտեմ քու գործերդ, վաստակդ եւ համբերութիւնդ։ Գիտեմ որ չես հանդուրժեր չար մարդոց։ Փորձեցիր անոնք, որոնք իրենք զիրենք առաքեալ կը կոչեն եւ սակայն չեն, ու գտար որ անոնք ստախօս են։ Դուն համբերեցիր եւ տառապեցար ինծի համար, ու տեղի չտուիր։ Բայց հիմա դժգոհ եմ քեզմէ, որովհետեւ զիս առաջուան պէս չես սիրեր։ Յիշէ՛, հետեւաբար, թէ ի՛նչ վիճակէ հոս ինկար, ապաշխարէ՛ եւ վերադարձի՛ր նախկին գործերուդ, ապա թէ ոչ՝ եթէ չապաշխարես՝ շուտով կու գամ եւ կը վերցնեմ քու ճրագարանդ իր տեղէն։ Միակ նպաստաւոր բանը որ ունիս՝ այն է, որ կ՚ատես Նիկողայոսի հետեւորդներուն գործերը, որ ես ալ կ՚ատեմ»։ «Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն.– Ով որ յաղթանակէ՝ անոր իրաւունք պիտի տամ ճաշակելու կեանքի ծառէն, որ կը գտնուի Աստուծոյ դրախտին մէջ»։ – Զմիռնիայի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ Առաջինն ու Վերջինը, ան՝ որ մեռաւ ու վերակենդանացաւ.– Գիտեմ քու գործերդ, նեղութիւնդ եւ աղքատութիւնդ։ Աղքատ կ՚երեւիս, բայց հարուստ ես դուն։ Գիտեմ անարգական խօսքերը, որ կ՚ըսեն անոնք՝ որոնք իրենք զիրենք Հրեայ կը նկատեն եւ սակայն չեն. անոնք Սատանայի հետեւորդներ են։ Մի՛ վախնար այն չարչարանքներուն համար, որ պիտի կրես։ Ահա Բանսարկուն ձեզմէ ոմանք բանտ պիտի նետէ՝ ձեզ փորձելու համար, եւ ձեր նեղութիւնը տասը օր պիտի տեւէ։ Հաւատարիմ եղիր ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնիլ պէտք է, եւ ես քեզի կեանքի պսակը պիտի տամ»։ «Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն.– Ով որ յաղթանակէ՝ երկրորդ մահէն պիտի չվնասուի»։ – Պերգամոնի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ ան՝ որ սրուած երկսայրի սուրը ունի.– Գիտեմ գործերդ եւ գիտեմ որ կը բնակիս հոն՝ ուր Սատանան իր աթոռըունի։ Բայց դուն իմ անունս պահեցիր եւ ինծի հանդէպ ունեցած հաւատքդ չուրացար՝ նոյնիսկ երբ իմ հաւատարիմ վկաս, Անտիպաս, ձեր դիմաց սպաննուեցաւ հոն՝ ուր Սատանան կը բնակի։ Բայց քեզի դէմ կարգ մը դժգոհութիւններ ունիմ։ Քու շարքերուդ մէջ ունիս Բաղաամի վարդապետութեան հետեւորդներ. այն Բաղաամին, որ Բալակի սորվեցուց՝ Իսրայէլի որդիները մեղքի մղել, որպէսզի անոնք կուռքերու զոհուած միս ուտեն եւ պոռնկութիւն ընեն։ Նոյնպէս, դուն ալ Նիկողայոսի վարդապետութեան հետեւորդներ ունիս։ Արդ, ապաշխարէ՛, ապա թէ ոչ՝ շուտով պիտի գամ եւ բերանէս ելլող սուրովը անոնց դէմ պիտի պատերազմիմ»։ «Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն.– Ով որ յաղթանակէ՝ անոր ճաշակել պիտի տամ պահուած մանանայէն. ինչպէս նաեւ պիտի տամ մաքուր քար մը, որուն վրայ գրուած է նոր անուն մը, որ բացի ստացողէն՝ ո՛չ ոք գիտէ»։ – Թիատիրի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ Աստուծոյ Որդին, որուն աչքերը կրակի բոցի պէս են եւ ոտքերը՝ հրաշէկ անագապղինձի նման.– Գիտեմ գործերդ, սէրդ, հաւատքդ եւ համբերութեամբ կատարած ծառայութիւնդ, եւ գիտեմ որ վերջին գործերդ նախկիններէն աւելի են։ Բայց քեզի դէմ դժգոհութիւն ունիմ, քանի կը հանդուրժես Եզաբէլին, կնոջ մը՝ որ ինքզինք մարգարէուհի կը նկատէ։ Անիկա իմ ծառաներս կը մոլորեցնէ, անոնց պոռնկութիւն ընել եւ կուռքերուն զոհուած միս ուտել սորվեցնելով։ Ես իրեն ժամանակ տուի որ ապաշխարէ իր պոռնկութեան համար, բայց չապաշխարեց։ Ուստի ահա զինք հնոց պիտի նետեմ, եւ իր գործակիցները, որոնց հետ շնութիւն ըրաւ, մեծամեծ նեղութիւններու մէջ պիտի ձգեմ՝ եթէ չապաշխարեն իրենց կատարած գործերուն համար։ Չարաչար պիտի սպաննեմ իր որդիները, եւ բոլոր եկեղեցիները պիտի գիտնան՝ թէ ե՛ս եմ որ կը ճանչնամ մարդոց ցանկութիւններն ու մտածումները, եւ իւրաքանչիւրին կը հատուցանեմ իր գործերուն համաձայն»։ «Գալով Թիատիրի մէջ գտնուող մնացեալ հաւատացեալներուդ, որ չհետեւեցաք այդ վարդապետութեան եւ չճանչցաք ինչ որ կը կոչեն “Սատանային ծածուկ խորհուրդները”, ձեզի կ՚ըսեմ՝ որ ուրիշ բեռ պիտի չդնեմ ձեր վրայ, սակայն ինչ որ ունիք՝ հաստատուն պահեցէք, մինչեւ որ ես գամ։ Ով որ յաղթանակէ եւ շարունակէ կատարել ինչ որ ես կ՚ուզեմ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ, «Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»։ Սարդիկէի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ ան՝ որ ունի Աստուծոյ եօթը հոգիները եւ եօթը աստղերը.– Գիտեմ քու գործերդ եւ գիտեմ՝ որ միայն անունով ողջ ես, բայց իրականութեան մէջ մեռած ես։ Արթուն եղիր եւ զօրացո՛ւր մնացեալ անդամներդ, նախքան անոնց մեռնիլը, որովհետեւ կը տեսնեմ որ գործերդ կատարեալ չեն Աստուծոյ աչքին։ Յիշէ՛ ինչ որ լսեցիր եւ ընդունեցիր. պահէ՛ զանոնք եւ ապաշխարէ՛։ Եթէ արթուն չմնաս՝ գողի պէս պիտի գամ եւ ո՛ր մէկ ժամուն քեզի գալս պիտի չիմանաս։ Բայց Սարդիկէի մէջ քիչ թիւով մարդիկ կան, որոնք իրենց հագուստները չաղտոտեցին. անոնք ինծի հետ պիտի շրջին ճերմակ հագուստներով, որովհետեւ արժանի են։ Ով որ յաղթանակէ՝ այսպէս ճերմակ պիտի հագնի. եւ անոր անունը պիտի չջնջեմ կեանքի գիրքէն, եւ ես Հօրս եւ անոր հրեշտակներուն դիմաց զայն ինծի հետեւորդ պիտի դաւանիմ»։ «Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»։ – Ֆիլատելֆիայի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ Սուրբը, Ճշմարիտը, ան՝ որ Դաւիթի բանալին ունի. երբ բանայ՝ չկայ մէկը որ գոցէ զայն, եւ երբ գոցէ՝ չկայ մէկը որ բանայ զայն.– Գիտեմ գործերդ։ Ահա դիմացդ բանալ տուի դուռը, որ ո՛չ ոք պիտի կրնայ գոցել։ Գիտեմ որ քիչ մը զօրութիւն ունիս. պահած ես խօսքերս եւ չես ուրացած զիս։ Ահաւասիկ քեզի պիտի յանձնեմ Սատանային հետեւորդներէն կարգ մը մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք Հրեայ կը նկատեն, բայց իրականութեան մէջ չե՛ն. անոնք կը ստեն։ Այնպէս մը պիտի ընեմ, որ անոնք գան եւ երկրպագեն ոտքերուդ առջեւ ու գիտնան՝ թէ ես քեզ սիրեցի։ Եւ որովհետեւ պահած ես իմ խօսքս, որով համբերել սորվեցար, ես ալ քեզ պիտի պահեմ այն փորձութեան ժամուն, որ պիտի գայ ամբողջ տիեզերքին վրայ՝ փորձելու համար երկրի երեսին գտնուող բոլոր բնակիչները։ Ահա շուտով կու գամ. ամո՛ւր պահէ ինչ որ ունիս, որպէսզի ոեւէ մէկը ձեռքէդ չառնէ յաղթանակի պսակը։ Ով որ յաղթանակէ՝ զայն սիւներէն մէկը պիտի ընեմ իմ Աստուծոյս տաճարին, ուրկէ այլեւս դուրս պիտի չելլէ։ Անոր վրայ պիտի գրեմ իմ Աստուծոյս անունը, ինչպէս նաեւ իմ Աստուծոյս քաղաքին անունը, այսինքն՝ Նոր Երուսաղէմ, որ երկինքէն՝ իմ Աստուծոյս մօտէն պիտի իջնէ։ Եւ անոր վրայ պիտի գրեմ նաեւ իմ նոր անունս»։ «Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»։ – Լաւոդիկիայի եկեղեցիին հրեշտակին գրէ՛. «Այսպէս կ՚ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ եւ ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ ստեղծագործութեան Սկիզբը.– Գիտեմ գործերդ, դուն ո՛չ պաղ ես, ոչ ալ տաք։ Պէտք էր կա՛մ պաղ ըլլայիր եւ կա՛մ տաք։ Սակայն դուն գաղջ ես, ո՛չ տաք եւ ո՛չ ալ պաղ, ուստի քեզ բերանէս դուրս պիտի փսխեմ։ Կ՚ըսես՝ թէ «Հարուստ էի եւ աւելի հարստացայ, եւ ո՛չ մէկ բանի կարօտ եմ», սակայն չես գիտեր թէ դուն ողորմելի մըն ես, խեղճ ու աղքատ, մերկ եւ կոյր։ Ուստի քեզի հետեւեալ խորհուրդը կու տամ.– Կրակէն անցած զուտ ոսկի գնէ ինձմէ, որպէսզի հարստանաս, եւ ճերմակ հագուստներ առ՝ հագնելու համար, որպէսզի մերկութեանդ ամօթը ծածկես։ Նաեւ դեղ դիր աչքերուդ, որպէսզի տեսնես։ Ես իմ սիրած անձերս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղիր եւ ապաշխարէ՛։ Ահա ես դրան առջեւ եմ ու կը բաղխեմ։ Եթէ մէկը իմ ձայնս լսէ եւ դուռը բանայ՝ ներս պիտի մտնեմ եւ անոր հետ պիտի ընթրեմ, ան ալ՝ ինծի հետ։ Ով որ յաղթանակէ՝ անոր իրաւունք պիտի տամ նստելու ինծի հետ իմ գահիս վրայ, այնպէս՝ ինչպէս որ ես յաղթեցի եւ բազմեցայ Հօրս հետ իր գահին վրայ»։ «Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»։ Եւ ահա ասկէ ետք տեսայ երկինքի մէջ բացուած դուռ մը, եւ փողի հնչիւնին նման ձայնը՝ որ նախապէս լսած էի՝ ինծի հետ կը խօսէր ու կ՚ըսէր. –Հո՛ս ել, եւ ես քեզի ցոյց պիտի տամ թէ ասկէ ետք ի՛նչ պիտի պատահի։ Եւ անմիջապէս Հոգին զիս վերացուց։ Հոն՝ երկինքին մէջ գահ մը կար, եւ գահին վրայ նստած էր մէկը՝ որուն տեսքը յասպիս եւ սարդիոն թանկագին քարերու փայլքը ունէր։ Անոր գահին շուրջ ծիրանի գօտի մը կար՝ զմրուխտի փայլքով. եւ գահին շուրջ կային քսանչորս գահեր, որոնց վրայ նստած էին քսանչորս երէցներ՝ ճերմակ հագուստներ հագած եւ իրենց գլխուն՝ ոսկեղէն պսակներ ։ Այդ գահէն փայլատակումներ, ձայներ եւ որոտումներ կ՚ելլէին։ Գահին առջեւ հրաբորբոք եօթը ջահեր կային, որոնք Աստուծոյ եօթը հոգիներն են։ Գահին առջեւ կար նաեւ ապակեղէն ծովու նման տարածութիւն մը՝ բիւրեղի պէս վճիտ։ Հոն՝ կեդրոնը, գահին շուրջը, չորս կողմէն կային չորս կենդանիներ՝ առջեւէն ու ետեւէն աչքերով լեցուն։ Առաջին կենդանին առիւծի կը նմանէր, երկրորդը՝ եզի, երրորդ կենդանիին դէմքը մարդու դէմքի կը նմանէր եւ չորրորդ կենդանին թռչող արծիւի կը նմանէր։ Չորս կենդանիներէն իւրաքանչիւրը վեց թեւեր ունէր՝ ներսէն ու դուրսէն աչքերով լեցուն։ Այդ կենդանիները գիշեր— ցերեկ անդադար կ՚ըսէին. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ, ամենակալ Տէր Աստուած, որ էր, որ է եւ որ պիտի գայ»։ Երբ կենդանիները փառք, պատիւ եւ գոհութիւն կու տային անոր՝ որ կը նստէր գահին վրայ, անոր՝ որ կ՚ապրի յաւիտեանս յաւիտենից, քսանչորս երէցները կ՚իյնային գահին վրայ նստողին առջեւ եւ կ՚երկրպագէին անոր՝ որ յաւիտեանս յաւիտենից կ՚ապրի։ Անոնք իրենց պսակները կը դնէին գահին առջեւ ու կ՚ըսէին.– «Ո՜վ մեր Տէրը եւ Աստուածը, արժանի ես փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, որովհետեւ դո՛ւն ստեղծեցիր ամէն ինչ. քու կամքովդ ստեղծուեցան եւ գոյութիւն ունինբոլորը»։ Գահին վրայ նստողին աջ ձեռքին մէջ տեսայ գիրք մը՝ ներսէն ու դուրսէն գրուած եւ եօթը կնիքներով կնքուած։ Եւ տեսայ զօրաւոր հրեշտակ մը, որ բարձրաձայն կը յայտարարէր. –Ո՞վ արժանի է քակելու գիրքին կնիքները եւ բանալու զայն։ Բայց չկար մէկը, ո՛չ երկինքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ եւ ո՛չ ալ երկրի ներքեւ, որ կարենար բանալ գիրքը, ոչ ալ նայիլ անոր։ Ես դառնապէս կու լայի, քանի չգտնուեցաւ մէկը, որ արժանի ըլլար բանալու գիրքը եւ նայելու անոր մէջ։ Երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. –Մի՛ լար, ահաւասիկ Առիւծը՝ որ Յուդայի ցեղէն եւ Դաւիթի սերունդէն է՝ յաղթեց, եւ անիկա կրնայ քակել եօթը կնիքները եւ բանալ գիրքը։ Ապա գահին մէջտեղ, չորս կենդանիներով եւ երէցներով շրջապատուած Գառնուկ մը տեսայ, որ կարծես մորթուած ըլլար։ Անիկա ունէր եօթը եղջիւրներ եւ եօթը աչքեր, որոնք Աստուծոյ եօթը հոգիներն են՝ աշխարհի բոլոր կողմերը ղրկուած։ Գառնուկը գնաց եւ գահին վրայ նստողին աջ ձեռքէն գիրքը առաւ։ Հազիւ առած, չորս կենդանիները եւ քսանչորս երէցները ինկան Գառնուկին առջեւ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր քնար մը եւ ոսկի խնկաման մը՝ խունկով լեցուն, որոնք Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքներն են։ Անոնք հետեւեալ նոր երգը կ՚երգէին ու կ՚ըսէին.– «Արժանի ես առնելու գիրքը եւ քակելու կնիքները, որովհետեւ մորթուեցար եւ արիւնովդ Աստուծոյ համար գնեցիր նորժողովուրդ մը՝ բոլոր ցեղերէն ու լեզուներէն, բոլոր ազգերէն, ժողովուրդներէն։ Զանոնք դարձուցիր քահանաներու թագաւորութիւն մը՝ ծառայելու մեր Աստուծոյ։ Անոնք պիտի թագաւորեն երկրի վրայ»։ Տեսայ նաեւ եւ լսեցի ձայնը բազմաթիւ հրեշտակներու, որոնք կանգնած էին գահին, չորս կենդանիներուն եւ երէցներուն շուրջ։ Անոնք տասնեակ հազարներով եւ միլիոններով էին, որոնք բարձր ձայնով կ՚երգէին.– «Մորթուած Գառնուկը արժանի է ստանալու՝ զօրութիւն, հարստութիւն եւ իմաստութիւն, կարողութիւն ու պատիւ, փառք եւ օրհնութիւն»։ Եւ լսեցի որ երկինքի մէջ, երկրի վրայ, երկրի ներքեւ եւ ծովու մէջ գտնուող բոլոր արարածները կ՚ըսէին.– «Գահին վրայ նստողին, ինչպէս նաեւ Գառնուկին՝ օրհնութիւն, պատիւ, փառք ու զօրութիւն՝ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Չորս կենդանիները կը պատասխանէին. « Ամէն» ։ Եւ երէցները ինկան անոր առջեւ եւ երկրպագութիւն ըրին։ Յետոյ տեսայ որ Գառնուկը բացաւ եօթը կնիքներէնառաջինը, եւ լսեցի որ չորս կենդանիներէն մէկը որոտումի նմանող ձայնով կ՚ըսէր. «Եկո՛ւր»։ Եւ ահա տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն հեծեալը աղեղ մը ունէր։ Անոր պսակ մը տրուեցաւ. անիկա եկաւ որպէս յաղթող եւ յաղթելու համար։ Երբ Գառնուկը երկրորդ կնիքը բացաւ, լսեցի որ երկրորդ կենդանին կ՚ըսէր. «Եկո՛ւր»։ Եւ դուրս ելաւ ուրիշ ձի մը, որ կարմիր էր։ Անոր հեծեալին իրաւունք տրուեցաւ աշխարհէն խաղաղութիւնը վերցնելու, որպէսզի մարդիկ իրար սպաննեն։ Անոր մեծ սուր մը տրուեցաւ։ Երբ Գառնուկը երրորդ կնիքը բացաւ, լսեցի որ երրորդ կենդանին կ՚ըսէր. «Եկո՛ւր»։ Եւ ահա տեսայ սեւ ձի մը, որուն հեծեալը իր ձեռքին ունէր կշիռք մը։ Ու լսեցի ձայն մը, որ կու գար չորս կենդանիներուն մէջտեղէն եւ որ կ՚ըսէր. «Բուռ մը ցորենը՝ մէկ օրավարձքի փոխարէն, երեք բուռ գարին՝ մէկ օրավարձքի փոխարէն. բայց ձէթին եւ գինիին վնաս չտաս»։ Եւ երբ Գառնուկը չորրորդ կնիքը բացաւ, չորրորդ կենդանիէն լսեցի ձայն մը, որ կ՚ըսէր. «Եկո՛ւր»։ Եւ ահա տեսայ դեղնորակ ձի մը, որուն հեծեալին անունը Մահ էր։ Անոր ետեւէն կ՚երթար դժոխքը՝ մեռեալներու աշխարհը։ Անոնց իշխանութիւն տրուած էր աշխարհի մէկ չորրորդին վրայ, որպէսզի սպաննեն սուրով, սովով, համաճարա կով եւ երկրի գազաններով։ Երբ Գառնուկը հինգերորդ կնիքը բացաւ, զոհասեղանին տակ տեսայ հոգիները այն բոլոր մարդոց, որոնք սպաննուած էին Աստուծոյ խօսքին իրենց հաւատարմութեան եւ տուած վկայութեան համար։ Անոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասես, սուրբ եւ ճշմարիտ Տէր, ե՞րբ պիտի դատես երկրի բնակիչները եւ մեր արեան վրէժը լուծես անոնցմէ»։ Եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին ճերմակ պարեգօտ մը տրուեցաւ եւ անոնց ըսուեցաւ՝ որ կարճ ժամանակ մը եւս հանգիստ ընեն, մինչեւ որ ամբողջանայ թիւը իրենց ծառայակիցներուն եւ եղբայրներուն, որոնք իրենց նման պիտի սպաննուին։ Եւ տեսայ որ Գառնուկը վեցերորդ կնիքը բացաւ։ Եւ ահա զօրաւոր երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ. արեւը այծի մազէ շինուած կարպետի մը նման սեւ դարձաւ, եւ լուսինը ամբողջութեամբ արիւնի գոյն առաւ։ Երկինքի աստղերը երկիր ինկան, այնպէս՝ ինչպէս կը թափին ուժգին հովէն ցնցուող թզենիին խակ պտուղները։ Երկինքը մագաղաթէ գլանի պէս ոլորուեցաւ, եւ բոլոր լեռներն ու կղզիները իրենց տեղերէն շարժեցան։ Երկրի թագաւորները, իշխանները, հրամանատարները, հարուստները, զօրաւոր մարդիկը, եւ ծառայ թէ ազատ՝ բոլորը պահուտեցան քարայրներու եւ լեռներու ժայռերուն մէջ։ Անոնք կ՚ըսէին լեռներուն եւ ժայռերուն. «Մեր վրայ ինկէք ու ծածկեցէ՛ք մեզ անոր աչքէն, անոր՝ որ գահին վրայ կը նստի. ազատեցէ՛ք մեզ Գառնուկին բարկութենէն, որովհետեւ անոր բարկութեան ահաւոր օրը եկաւ, եւ ո՞վ կրնայ անոր առջեւ դիմանալ»։ Ասկէ ետք չորս հրեշտակներ տեսայ, որոնք կեցածէին երկրի չորս անկիւններուն եւ բռնած էին երկրի չորս հովերը, որպէսզի անոնք չփչեն երկրի վրայ, ո՛չ ալ ծովուն վրայ եւ ոչ ալ ծառերուն վրայ։ Տեսայ ուրիշ հրեշտակ մըն ալ, որարեւելքէն ելաւ եւ որ կենդանի Աստուծոյ կնիքը ունէր։ Անիկա բարձր ձայնով աղաղակեց չորս հրեշտակներուն, որոնց իշխանութիւն տրուած էր երկրին ու ծովուն վնասելու, եւ ըսաւ. «Վնաս մի՛ հասցնէք երկրին, ո՛չ ալ ծովուն եւ ո՛չ ալ ծառերուն, մինչեւ որ կնիքով դրոշմեմ իմ Աստուծոյս ծառաներուն ճակատները։ Եւ լսեցի, որ Իսրայէլի տասներկու ցեղերէն կնքուածներուն թիւը հարիւր քառասուն չորս հազար էր.– Յուդայի ցեղէն տասներկու հազար, Ռուբէնի ցեղէն տասներկու հազար, Գադի ցեղէն տասներկու հազար, Ասերի ցեղէն տասներկու հազար, Նեփթաղիմի ցեղէն տասներկու հազար, Մանասէի ցեղէն տասներկու հազար, Շմաւոնի ցեղէն տասներկու հազար, Ղեւիի ցեղէն տասներկու հազար, Իսաքարի ցեղէն տասներկու հազար, Զաբուղոնի ցեղէն տասներկու հազար, Յովսէփի ցեղէն տասներկու հազար, եւ Բենիամինի ցեղէն տասներկու հազար։ Ասկէ ետք տեսայ, եւ ահա՝ անհամար բազմութիւն մը, բոլոր ազգերէն, բոլոր ցեղերէն, բոլոր լեզուներէն եւ բոլոր ժողովուրդներէն, որոնք գահին եւ Գառնուկին դիմաց կանգնած էին՝ ճերմակ պարեգօտներ հագած, եւ իրենց ձեռքին՝ արմաւենիի ճիւղեր։ Անոնք բարձրաձայն կ՚աղաղակէին, ըսելով. «Փրկութիւնը կու գայ մեր Աստուծմէ, որ կը բազմի գահին վրայ, կու գայ նաեւ Գառնուկէն»։ Բոլոր հրեշտակները որոնք գահին, երէցներուն եւ չորս կենդանիներուն շուրջ կանգնած էին, իրենց երեսին վրայ գետին ինկան գահին առջեւ եւ երկրպագեցին Աստուծոյ, ըսելով.– «Ամէն. օրհնութիւնը, փառքն ու իմաստութիւնը, գոհութիւնն ու պատիւը, կարողութիւնն ուզօրութիւնը մեր Տէր Աստուծոյ կը պատկանին, յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն »։ Երէցներէն մէկը ինծի ըսաւ. –Որո՞նք են այս ճերմակ պարեգօտ հագած մարդիկը եւ ուրկէ՞ կու գան։ – Տէր, դո՛ւն գիտես,– պատասխանեցի։ Անիկա ըսաւ ինծի. –Այս մարդիկը անոնք են, որոնք կու գան մեծ նեղութենէն։ Անոնք իրենց պարեգօտները լուացին եւ ճերմկցուցին Գառնուկին արիւնովը ։ Ահաասոր համար է որ Աստուծոյ գահին դիմաց կանգնած են եւ գիշեր–ցերեկ զայն կը պաշտեն իր տաճարին մէջ. եւ գահին վրայ բազմողը հովանի պիտի ըլլայ անոնց։ Անոնք ո՛չ պիտի անօթենան եւ ո՛չ ալ ծարաւնան. ո՛չ արեւը եւ ո՛չ ալ այրող տաքը վնաս պիտի տայ իրենց։ Եւ Գառնուկը, որ գահին մէջտեղն է, հովիւի պէս պիտի արածէ զիրենք եւ առաջնորդէ կեանքի աղբիւրի կենսատու ջուրին, եւ Աստուած անոնց աչքերէն ամէն արցունք պիտի սրբէ։ Երբ Գպռնուկը բպցպւ եօթներորդ կնիքը, երկինքիմէջ լռութիւն տիրեց կէս ժամի չափ։ Եւ տեսայ եօթը հրեշակները, որոնք Աստուծոյ դիմաց կանգնած էին, եւ անոնց տրուեցան եօթը փողեր։ Ուրիշ հրեշտակ մըն ալ, որ ձեռքին ոսկի խնկաման մը ունէր, եկաւ եւ կեցաւ զոհասեղանին մօտ։ Անոր առատ խունկ տրուեցաւ, որպէսզի Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքները մատուցանէ ոսկեղէն զոհասեղանին վրայ, որ կը գտնուի գահին դիմաց։ Եւ խունկին ծուխը, որ Աստուծոյ ընտրեալներուն աղօթքն է, հրեշտակին ձեռքէն բարձրացաւ Աստուծոյ առջեւ։ Ապա հրեշտակը խնկամանը լեցուց զոհասեղանին կրակէն եւ նետեց զայն երկրի վրայ։ Եւ ահա փայլատակումներով զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ, եւ լսուեցան որոտումներ ու ձայներ։ Եօթը հրեշտակները, որոնք եօթը փողերը ունէին, պատրաստուեցան հնչեցնելու զանոնք։ Առաջին հրեշտակը հնչեցուց փողը, եւ արիւնով խառնուած կարկուտ ու կրակ տեղաց երկրի վրայ եւ այրեց երկրին մէկ երրորդ մասը, ինչպէս նաեւ այրեց ծառերուն մէկ երրորդը եւ բոլոր դալար խոտերը։ Ապա փողահարեց երկրորդ հրեշտակը, եւ ահա հսկայ լերան նմանող կրակէ զանգուած մը ծով ինկաւ, եւ ծովուն մէկ երրորդ մասը արիւն դարձաւ. ծովային կենդանիներուն մէկ երրորդը սատկեցաւ եւ նաւերուն մէկ երրորդը ընկղմեցաւ։ Երրորդ հրեշտակն ալ փողը հնչեցուց։ Մեծ աստղ մը, որ ջահի մը նման կը բորբոքէր, երկինքէն ինկաւ գետերուն եւ աղբիւրներուն մէկ երրորդ մասին վրայ։ Աստղին անունը Դառնութիւն էր։ Ջուրերուն մէկ երրորդը լեղի դարձաւ եւ մարդոցմէ շատեր մեռան դառն ջուրէն։ Յետոյ չորրորդ հրեշտակը փողահարեց եւ արեւուն մէկ երրորդ մասը զարնուեցաւ, ինչպէս նաեւ՝ լուսինին մէկ երրորդը եւ աստղերուն մէկ երրորդը, եւ անոնց մէկ երրորդ մասը մթագնելով՝ ցերեկին, ինչպէս նաեւ գիշերուան մէկ երրորդ մասը խաւարեցաւ։ Ապա երկինքի բարձունքին տեսայ եւ լսեցի թռչող արծիւի մը կանչը, որ բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Վա՜յ, վա՜յ, վա՜յ երկրի վրայ բնակողներուն՝ երբ հնչէ ձայնը մնացեալ երեք փողերուն, որ հրեշտակները պիտի հնչեցնեն»։ Հինգերորդ հրեշտակն ալ փողը հնչեցուց։ Եւ տեսայ մեծ աստղ մը, որ երկինքէն ինկաւ երկիր, եւ այդ աստղին տրուեցաւ անդունդի գուբին բանալին։ Աստղը բացաւ անդունդի գուբը եւ ահա ծուխ ելաւ հոնկէ, նման մեծ հնոցի մը ծուխին։ Օդը լեցուեցաւ այդ ծուխով եւ արեւը խաւարեցաւ։ Ծուխին մէջէն մարախներ ելան երկրի վրայ, որոնց իշխանութիւն տրուեցաւ խայթելու, այնպէս՝ ինչպէս կարիճները կը խայթեն, եւ անոնց ըսուեցաւ որ վնաս չհասցնեն ո՛չ երկրի խոտերուն, ո՛չ դալար տունկերուն եւ ո՛չ ալ ծառերուն, բայց միայն այն մարդոց՝ որոնք իրենց ճակատին վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին։ Մարախներուն հրամայուեցաւ որ չսպաննեն այդ մարդիկը, այլ՝ հինգ ամիս չարչարեն զանոնք։ Այդ չարչարանքին պատճառած ցաւը կը նմանէր այն ցաւին, որ մէկը կ՚ունենայ երբ կարիճէն խայթուի։ Այն օրերուն մարդիկ մահը պիտի փնտռեն, բայց պիտի չգտնեն. պիտի ուզեն մեռնիլ, բայց մահը իրենցմէ պիտի փախչի։ Մարախները կը նմանէին պատերազմի պատրաստուած ձիերու. անոնց գլխուն պսակներ կային, ոսկիէ պսակի նման, եւ անոնց դէմքը մարդու դէմքի կը նմանէր։ Անոնց մազը կնոջ մազերու կը նմանէր եւ ակռաները՝ առիւծի ակռաներու։ Ունէին զրահներ, որոնք կարծես երկաթէ էին. անոնց թեւերուն ձայնը նման էր բազմաթիւ ձիերու եւ կառքերու ձայնին, երբ պատերազմի կ՚արշաւեն։ Անոնց պոչերը կը նմանէին կարիճի պոչերուն, որոնց ծայրը խայթոց կայ եւ որոնց միջոցաւ իշխանութիւն ունէին մարդիկը հինգ ամիս պատուհասելու։ Անոնք իրենց վրայ թագաւոր ունէին՝ անդունդի հրեշտակը, որուն անունը Եբրայերէն Աբադդոն էր, որ Հայերէնով կը նշանակէ՝ Կորուսիչ։ Առաջին աղէտը ահա անցաւ. ասոր կը յաջորդեն միւս երկու աղէտները։ Յետոյ վեցերորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց. եւ լսեցի ձայն մը՝ որ կու գար Աստուծոյ դիմաց գտնուող ոսկիէ զոհասեղանին չորս անկիւններէն։ Ձայնը փող ունեցող վեցերորդ հրեշտակին կ՚ըսէր. «Արձակէ՛ Եփրատ մեծ գետին վրայ կապուած չորս հրեշտակները»։ Եւ արձակուեցան չորս հրեշտակները, որոնք ճիշդ այս ժամուն, օրուան, ամսուան եւ տարուան համար պատրաստ կեցած էին, որպէսզի սպաննեն մարդկութեան մէկ երրորդ մասը։ Եւ իմացայ որ անոնց հեծեալ զօրքերուն թիւը հարիւր հազարներով ու միլիոններով էր։ Տեսիլքիս մէջ տեսած ձիերն ու հեծեալները հագած էին կրակի գոյն, յակինթի գոյն եւ ծծումբի գոյն զրահներ։ Ձիերուն գլուխը առիւծի գլուխի կը նմանէր եւ իրենց բերանէն կրակ, ծուխ եւ ծծումբ կ՚ելլէր։ Անոնց բերանէն ելած այս կրակի, ծուխի եւ ծծումբի հարուածներէն՝ մարդկութեան մէկ երրորդ մասը մեռաւ, քանի ձիերուն զօրութիւնը իրենց բերանին մէջ էր, ինչպէս նաեւ՝ իրենց պոչերուն։ Անոնց պոչերը օձերու կը նմանէին եւ ունէին գլուխներ, որոնցմով կը պատուհասէին։ Մարդկութեան մնացեալ մասը, որ չսպաննուեցաւ այս հարուածներէն, չապաշխարեց եւ իր կատարած գործերէն ետ չդարձաւ։ Անոնք չդադրեցան երկրպագելէ դեւերուն, ոսկիէ, արծաթէ, անագապղինձէ, քարէ եւ փայտէ կուռքերուն, որոնք ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ լսել եւ ո՛չ ալ քալել։ Անոնք չապաշխարեցին իրենց կատարած մարդասպանութեան, կախարդութեան, պոռնկութեան եւ գողութեան համար։ Ապա տեսայ ուրիշ զօրաւոր հրեշտակ մը, որ երկինքէն կ՚իջնէր՝ ամպի մը մէջ փաթթուած եւ գլխուն՝ ծիրանի գօտի։ Անոր երեսը արեւու կը նմանէր եւ ոտքերը՝ կրակէ սիւներու։ Իր ձեռքին մէջ բացուած գրքոյկ մը ունէր. ան իր աջ ոտքը դրաւ ծովուն վրայ, իսկ ձախը՝ ցամաքին վրայ եւ բարձրաձայն աղաղակեց, ինչպէս առիւծը կը մռնչէ։ Երբ աղաղակեց՝ եօթը որոտումները թնդացին իրենց ձայներով, եւ երբ եօթը որոտումները ձայնեցին՝ կ՚ուզէի գրի առնել։ Բայց երկինքէն լսեցի ձայն մը, որ կ՚ըսէր. –Մի՛ արձանագրեր ինչ որ եօթը որոտումները ըսին. գրի մի՛ առներ։ Յետոյ հրեշտակը, որ մէկ ոտքը դրած էր ծովուն վրայ եւ միւսը՝ ցամաքին, իր աջ ձեռքը երկինք բարձրացուց եւ երդում ըրաւ յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի Աստուծոյ անունով, անոր՝ որ ստեղծեց երկինքն ու երկիրը եւ ծովը եւ ինչ որ կայ անոնց մէջ, ու ըսաւ. «Այլեւս ուշացում պիտի չըլլայ։ Երբ եօթներորդ հրեշտակը իր փողը հնչեցնէ, այն ատեն Աստուծոյ ծրագիրը պիտի կատարուի, ինչպէս որ անոր ծառաները՝ մարգարէները աւետեցին։ Ապա այն ձայնը որ լսած էի երկինքէն, դարձեալ ինծի խօսեցաւ եւ ըսաւ. –Գնա՛, ա՛ռ այդ գրքոյկը, որ ծովուն եւ ցամաքին վրայ կանգնած հրեշտակը իր ձեռքին մէջ բացուած ունի։ Ես գացի հրեշտակին մօտ եւ իրմէ խնդրեցի որ ինծի տայ գրքոյկը։ Անիկա ըսաւ ինծի. –Ա՛ռ եւ կե՛ր ասիկա. ստամոքսիդ մէջ լեղի պիտի դառնայ, բայց բերանիդ մէջ մեղրի պէս քաղցր պիտի ըլլայ։ Հրեշտակին ձեռքէն առի բացուած գրքոյկը եւ կերայ։ Բերանիս մէջ մեղրի պէս քաղցրէր, բայց երբ կլլեցի՝ ստամոքսիս մէջ լեղի դարձաւ։ Ապա հրեշտակը ըսաւ ինծի. –Այս մարգարէութիւնը եւս պէտք է յայտնես բազմաթիւ ժողովուրդներու, ազգերու, լեզուներու եւ թագաւորներու։ Յետոյինծիտրուեցաւ եղէգ մը, որ չափելիք գաւազանի կը նմանէր։ Հրեշտակը ըսաւ ինծի. –Ե՛լ եւ չափէ Աստուծոյ տաճարն ու զոհասեղանը եւ հաշուէ՛ հոն գտնուող երկրպագողները։ Իսկ գաւիթը, որ տաճարէն դուրս կը գտնուի՝ ձգէ՛, մի՛ չափեր, որովհետեւ անիկա հեթանոսներուն տրուած է, որոնք քառասուներկու ամիս ոտնակոխ պիտի ընեն Սուրբ Քաղաքը։ Ես պիտի պատուիրեմ երկու վկաներուս, որ քուրձ հագած՝ մարգարէանան այդ հազար երկու հարիւր եւ վաթսուն օրերու ընթացքին։ Ասոնք երկու ձիթենիներն ու երկու ճրագներն են, որոնք կը կանգնին երկրի Տիրոջ առջեւ։ Եթէ ոեւէ մէկը ուզէ անոնց վնասել, կրակ պիտի ելլէ անոնց բերանէն ու ոչնչացնէ իրենց թշնամիները. եւ այսպէս պիտի սպաննուին բոլոր անոնք՝ որոնք կ՚ուզեն վնաս հասցնել անոնց։ Երկու վկաները իշխանութիւն ունին երկինքը փակելու, որպէսզի իրենց մարգարէացած ժամանակամիջոցին անձրեւ չտեղայ։ Անոնք իշխանութիւն ունին նաեւ ջուրերուն վրայ՝ զանոնք արիւն դարձնելու, ինչպէս նաեւ երկիրը աղէտներով պատուհասելու՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն։ Եւ երբ իրենց վկայութեան ժամանակաշրջանը աւարտի, այն ատեն անդունդէն ելլող գազանը պիտի պատերազմի իրենց դէմ, պիտի յաղթէ անոնց եւ սպաննէ զանոնք։ Անոնց մարմինները փռուած պիտի մնան հրապարակին վրայ այն մեծ քաղաքին՝ ուր իրենց Տէրը խաչուեցաւ եւ որ խորհրդանշական անունով Սոդոմ եւ Եգիպտոս կը կոչուի։ Բոլոր ցեղերէն, ժողովուրդներէն, լեզուներէն եւ ազգերէն մարդիկ՝ երեքուկէս օր անոնց դիակները պիտի տեսնեն եւ թոյլ պիտի չտան որ անոնց դիակները գերեզմաններու մէջ դրուին։ Երկրի վրայ ապրողները անոնց մահուան համար պիտի ուրախանան եւ ցնծան, մինչեւ իսկ նուէրներ պիտի տան իրարու, որովհետեւ այս երկու մարգարէները շատ չարչարեցին երկրի բնակիչները։ Երեքուկէս օր ետք՝ անոնց մէջ մտաւ կեանք տուող Հոգին, որ Աստուծմէ կու գայ, եւ երկու վկաները ելան ու ոտքի կանգնեցան։ Եւ ահ ու սարսափ ինկաւ բոլոր տեսնողներուն վրայ։ Յետոյ երկու մարգարէները երկինքէն ուժգին ձայն մը լսեցին, որ իրենց կ՚ըսէր. «Ելէ՛ք, հո՛ս եկէք»։ Անոնք ամպերու մէջ երկինք բարձրացան, մինչ իրենց թշնամիները կը դիտէին զիրենք։ Նոյն պահուն զօրաւոր երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ եւ քաղաքին մէկ տասներորդ մասը կործանեցաւ. այս երկրաշարժէն մահացան եօթը հազար հոգի։ Մեծ սարսափ մը պատեց մնացեալները, որոնք երկնաւոր Աստուծոյ փառք կու տային։ Երկրորդ աղէտն ալ ահա անցաւ։ Երրորդը շուտով կու գայ։ Երբ եօթներորդ հրեշտակը փողը հնչեցուց, երկինքի մէջ ուժգին ձայներ լսուեցան, որոնք կ՚ըսէին. «Այլեւս ամբողջ աշխարհի թագաւորութիւնը կը պատկանի մեր Տիրոջ եւ իր Օծեալին, որ պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Քսանչորս երէցները, որոնք իրենց գահերուն վրայ նստած էին Աստուծոյ դիմաց, իրենց երեսին վրայ գետին իյնալով՝ երկրպագեցին Աստուծոյ եւ ըսին.– «Ամենակա՛լ Տէր Աստուած, դուն որ Է–ն ես եւ միշտ էիր. շնորհակալութի՜ւն քեզի, որ մեծ զօրութիւնդ առիր եւ թագաւորեցիր։ Ազգերը զայրացան, սակայն հասաւ բարկութիւնդ եւ մեռելները դատելու ժամանակը. հասաւ ժամանակը՝ վարձատրելու ծառաներդ՝ մարգարէները եւ քու ընտրեալներդ, եւ անոնք՝ որոնք կ՚ակնածին քեզմէ, մեծ ու փոքր։ Հասաւ ժամանակը կորուստի մատնելու անոնք՝ որոնք երկիրը կ՚ապականեն»։ Եւ ահա երկինքի մէջ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ ու հոն երեւցաւ Աստուծոյ Ուխտին Տապանակը։ Եղան փայլատակումներ, ձայներ, որոտումներ, երկրաշարժ եւ սաստիկ կարկուտ։ Եւ ապա մեծ նշան մը երեւցաւ երկինքի մէջ։ Տեսնուեցաւ կին մը, որ արեւը հագած էր, լուսինը առած իր ոտքերուն տակ, եւ գլխուն ունէր տասներկու աստղերով պսակ մը։ Անիկա յղի էր եւ երկունքի ճիչեր կ՚արձակէր ու ծնանելու մօտ ըլլալուն՝ սաստիկ ցաւեր կը քաշէր։ Ուրիշ նշան մըն ալ երեւցաւ երկինքի մէջ։ Տեսնուեցաւ հրեղէն մեծ վիշապ մը, որ եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր եւ թագ մը՝ իւրաքանչիւր գլխուն վրայ։ Իր պոչով կը քաշէր կը տանէր երկինքի աստղերուն մէկ երրորդ մասը, որ նետեց երկրի վրայ։ Անիկա ծնանելու մօտ եղող կնոջ դիմաց կանգնեցաւ, որպէսզի երբ կինը զաւակը ծնի՝ կլլէ զայն։ Կինը արու զաւակ մը ծնաւ, որ սահմանուած էր հովուելու բոլոր ազգերը՝ երկաթէ մականով։ Բայց կնոջ զաւակը յափշտակուելով տարուեցաւ Աստուծոյ եւ անոր գահին մօտ։ Կինը անապատ փախաւ, ուր իրեն համար տեղ պատրաստուած էր Աստուծոյ կողմէ, որպէսզի հոն կերակրուի հազար երկու հարիւր վաթսուն օրեր։ Եւ պատերազմ տեղի ունեցաւ երկինքի մէջ։ Միքայէլ եւ իր հրեշտակները կռուեցան վիշապին դէմ, որ իր կարգին իր հրեշտակներով կը պատերազմէր։ Բայց վիշապը եւ իր հրեշտակները պարտուեցան։ Այլեւս իրենց համար տեղ չմնաց երկինքի մէջ։ Մեծ վիշապը, այն առաջին օձը, որ Բանսարկու եւ Սատանայ կը կոչուի եւ որ ամբողջ աշխարհը մոլորեցուց, երկիր ձգուեցաւ։ Անոր հրեշտակներն ալ միասին վար ձգուեցան։ Եւ երկինքի մէջ ուժեղ ձայն մը լսեցի, որ կ՚ըսէր. «Հիմա հասաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը, զօրութիւնը եւ արքայութիւնը. հասաւ իր Օծեալին իշխանութիւնը. որովհետեւ ինկաւ մեր եղբայրներուն չարախօսը, ան՝ որ գիշեր–ցերեկ Աստուծոյ դիմաց չարախօսութիւն կ՚ընէր անոնց դէմ։ Մեր եղբայրները անոր վրայ յաղթանակ տարին Գառնուկին արիւնով եւ իրենց տուած վկայու–թեամբ, որովհետեւ անտեսեցին իրենց կեանքը եւ յանձն առին մահը։ Այս պատճառով՝ ուրախացէ՛ք, ո՜վ երկինք, եւ դուք բոլորդ՝ որ հոն կը բնակիք։ Վա՜յ ձեզի, երկի՛ր ու ծով, որովհետեւ Բանսարկուն ձեր մէջ ինկաւ. անիկա զայրոյթով լեցուած է՝ գիտնալով որ կարճ ժամանակ մը ունի։ Երբ վիշապը տեսաւ թէ ինք երկիր ձգուեցաւ, սկսաւ հետապնդել այն կինը որ արու զաւակ մը ծնաւ։ Կնոջ տրուեցան մեծ արծիւի մը երկու թեւերը, որպէսզի թռչի անապատին մէջ իր տեղը, ուր պիտի կերակրուէր որոշ ժամանակ մը, երեքուկէս տարի, օձին ներկայութենէն հեռու։ Ապա օձը իր բերանէն հեղեղի պէս ջուր թափեց կնոջ ետեւէն, որպէսզի հոսանքը առնէ տանի զայն։ Բայց երկինքը օգնեց կնոջ. երկիրը բացաւ իր բերանը եւ կլլեց այն ջուրը, որ վիշապը թափած էր իր բերանէն։ Վիշապը զայրացաւ կնոջ դէմեւգնացպատերազմելու անոր միւս զաւակներուն դէմ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանին կը հնազանդէին եւ Յիսուսի համար իրենց վկայութիւնը կու տային։ Եւ վիշապը կանգնեցաւ ծովու աւազին վրայ։ Ապա տեսայ որ ծովէն գազան մը կ՚ելլէր, որ եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր, իւրաքանչիւր եղջիւրին վրայ՝ թագ մը եւ իւրաքանչիւր գլխուն վրայ՝ հայհոյալից անուն մը։ Գազանը որ տեսայ՝ յովազի կը նմանէր, ոտքերը՝ արջի ոտքերուն, բերանը՝ առիւծի բերանին։ Վիշապը անոր տուաւ իր զօրութիւնը, իր գահը եւ մեծ իշխանութիւնը։ Գազանին գլուխներէն մէկը կարծես թէ մահացու կերպով վիրաւորուած էր, սակայն անոր մահացու վէրքը բուժուեցաւ։ Ամբողջ երկիրը զարմացաւ ու հետեւեցաւ գազանին եւ երկրպագեց վիշապին, որ իր իշխանութիւնը տուած էր գազանին, ու երկրպագեց նաեւ գազանին, ըսելով. «Ո՞վ կայ նման այս գազանին, ո՞վ կրնայ կռուիլ անոր դէմ»։ Եւ անոր խօսելու լեզու տրուեցաւ՝ մեծ–մեծ խօսքեր եւ հայհոյութիւններ ընելու համար։ Անոր գործելու իշխանութիւն տրուեցաւ քառասուներկու ամսուան համար։ Անիկա բերանը բացաւ՝ Աստուծոյ դէմ հայհոյութիւններ ընելով, եւ հայհոյեց անոր անունին, բնակարանին եւ երկինքի բնակիչներուն։ Անոր արտօնուեցաւ պատերազմիլ Աստուծոյ ընտրեալներուն դէմ եւ պարտութեան մատնել զանոնք։ Նաեւ իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր ցեղերուն, ժողովուրդներուն, լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ։ Եւ անոր պիտի երկրպագեն երկրի բոլոր բնակիչները, անոնք՝ որոնց անունը աշխարհի ստեղծագործութենէն սկսեալ չէ գրուած մորթուած Գառնուկին պատկանող կեանքի գիրքին մէջ։ Ով որ ականջ ունի՝ թող լսէ։ Ով որ գերութեան տարուելիք է՝ գերութեան պիտի երթայ եւ ով որ սուրով սպաննուելիք է՝ սուրով պիտի սպաննուի։ Ահա հո՛ս է Աստուծոյ ընտրեալներուն համբերութիւնը եւ հաւատքը։ Յետոյ տեսայ ուրիշ գազան մը, որ կ՚ելլէր երկրէն։ Անիկա գառնուկի եղջիւրներուն նման երկու եղջիւրներ ունէր եւ վիշապի նման կը խօսէր։ Անիկա առաջին գազանին ամբողջ իշխանութիւնը ի գործ կը դնէր անոր դիմաց եւ կը ստիպէր որ երկիրը եւ անոր բոլոր բնակիչները երկրպագեն առաջին գազանին, որուն մահացու վէրքը բուժուեցաւ։ Այս երկրորդ գազանը բազմաթիւ հրաշքներ գործեց եւ մինչեւ իսկ երկինքէն կրակ իջեցուց երկիր՝ մարդոց աչքերուն առջեւ։ Անիկա իր կատարած հրաշքներով երկրի բոլոր բնակիչները մոլորեցուց առաջին գազանին դիմաց, անոնց ըսելով՝ որ կանգնեն արձանը գազանին, որ սուրով վիրաւորուեցաւ, բայց բուժուեցաւ։ Եւ անոր իշխանութիւն տրուեցաւ գազանին արձանին շունչ տալու, որպէսզի արձանը խօսի, եւ ով որ չերկրպագէ գազանին արձանին՝ սպաննէ զայն։ Գազանը կը ստիպէր որ բոլորն ալ՝ փոքր թէ մեծ, հարուստ թէ աղքատ, ազատ թէ ծառայ՝ իրենց աջ ձեռքին եւ ճակատին վրայ դրոշմ դնեն։ Եւ ոչ ոք կարենայ գնել կամ ծախել՝ եթէ չունենայ այդ դրոշմը, այսինքն՝ գազանին անունը եւ կամ անոր անունին տառերուն թիւերուն համապատասխան գումարը։ Հո՛ս է ահա իմաստութիւնը. ով որ խելացի է՝ թող գումարէ գազանին անունին թիւերը, որ մարդու մը անունին թիւերուն գումարն է։ Անոր անունին թիւը վեցհարիւր վաթսունվեց է։ Յետոյ նայեցայ եւ տեսայ՝ որ Գառնուկը կանգնած էր Սիոն լերան վրայ, եւ իրեն հետ կային հարիւր քառասունչորս հազար հոգի, որոնց ճակատներուն վրայ գրուած էր իր եւ իր Հօր անունը ։ Երկինքէն ձայն մը լսեցի, որ կը նմանէր առատ ջուրերու կամ ուժգին որոտումի ձայնին։ Ձայնը կը հնչէր երաժշտութեան մը պէս, որ քնարահարները կը նուագեն իրենց քնարներուն վրայ։ Անոնք գահին, չորս կենդանիներուն եւ երէցներուն դիմաց կ՚երգէին նոր երգ մը, որ ո՛չ ոք կրնար սորվիլ, բացի հարիւր քառասունչորս հազար հոգիէն, որոնք փրկուած էին երկրի բնակիչներու մէջէն։ Ասոնք այն մարդիկն են՝ որոնք չխառնակուեցան կիներու հետ. անոնք կոյս են։ Անոնք կը հետեւին Գառնուկին, ո՛ւր որ երթայ անիկա։ Անոնք մարդոց մէջէն փրկուեցան իբրեւ երախայրիք՝ ընծայուած Աստուծոյ եւ Գառնուկին. ասոնք բնաւ սուտ չխօսեցան, անբիծ են։ Յետոյ երկինքի բարձունքին թռչող ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ յաւիտենական աւետիս մը ունէր քարոզելու երկրի վրայ բնակող բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն, լեզուներուն ու ժողովուրդներուն։ Անիկա բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Վախցէ՛ք Աստուծմէ եւ փա՛ռք տուէք անոր, որովհետեւ հասաւ ժամանակը որ անիկա դատէ մարդկութիւնը։ Երկրպագեցէ՛ք երկինքի, երկրի, ծովուն եւ ջուրի աղբիւրներու Արարիչին»։ Այս հրեշտակին կը հետեւէր երկրորդ հրեշտակ մը, որ կ՚ըսէր. «Ինկաւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը, ան՝ որ իր պոռնկութեան բարկ գինիէն արբեցուց բոլոր ժողովուրդները»։ Երրորդ հրեշտակ մըն ալ կը հետեւէր անոնց եւ բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Ով որ կ՚երկրպագէ գազանին եւ անոր արձանին, կամ ով որ անոր դրոշմը կ՚առնէ իր ճակատին կամ ձեռքին վրայ, անիկա Աստուծոյ բարկութեան գինին պիտի խմէ. այն անխառն գինին, որ լեցուեցաւ Աստուծոյ բարկութեան բաժակին մէջ. անիկա պիտի տանջուի կրակով եւ ծծումբով՝ Աստուծոյ սուրբ հրեշտակներուն եւ Գառնուկին դիմաց։ Անոնց տանջանքին ծուխը յաւիտեանս յաւիտենից պիտի ելլէ։ Գիշեր ու ցերեկ հանգիստ պիտի չունենան անոնք՝ որոնք երկրպագեցին գազանին ու անոր արձանին եւ անոր անունին դրոշմը կրեցին։ Ահա հո՛ս է համբերութիւնը Աստուծոյ ընտրեալներուն, որոնք կը պահեն Աստուծոյ պատուիրանները եւ Յիսուսի հանդէպ իրենց հաւատքը»։ Ապա երկինքէն ձայն մը լսեցի, որ ինծի կ՚ըսէր. –Գրէ՛ ըսածս. «Երանի՜ այն մեռելներուն, որոնք այժմէն սկսեալ կը ննջեն՝ Տիրոջ հնազանդ ըլլալով։ Այո՛,– կ՚ըսէ Հոգին,– որովհետեւ անոնք հանգստացան իրենց աշխատանքէն, եւ իրենց գործերը կը վկայեն իրենց մասին»։ Յետոյ տեսայ ճերմակ ամպ մը, որուն վրայ Մարդու Որդիի նմանող մէկը նստած էր։ Անիկա իր գլխուն ունէր ոսկի պսակ մը եւ ձեռքին՝ սուր գերանդի մը։ Երկինքի մէջ գտնուող տաճարէն ելաւ ուրիշ հրեշտակ մը, որ բարձրաձայն աղաղակեցամպին վրայ նստողին, ըսելով. «Ղրկէ՛ գերանդիդ եւ հնձէ՛, որովհետեւ հնձելու ժամանակը հասաւ եւ երկրի հունձքը պատրաստ է»։ Ան որ ամպին վրայ նստած էր, իր գերանդին ձգեց երկրի վրայ եւ հնձեց երկրի բոլոր բնակիչները։ Ուրիշ հրեշտակ մը եւս դուրս եկաւ երկինքի մէջ գտնուող տաճարէն. ասիկա ալ սուր գերանդի մը ունէր։ Յետոյ ուրիշ հրեշտակ մը, որ կրակին վրայ իշխանութիւն ունէր, զոհասեղանէն դուրս ելաւ եւ բարձրաձայն աղաղակեց սուր գերանդի ունեցող հրեշտակին, ըսելով. «Ղրկէ՛ սուր գերանդիդ եւ քաղէ՛ երկրի այգիին ողկոյզները, որովհետեւ խաղողը հասունցած է»։ Հրեշտակը իր գերանդին ձգեց երկրի վրայ եւ քաղեց խաղողը ու նետեց Աստուծոյ բարկութեան մեծ հնձանին մէջ։ Խաղողը կոխուեցաւ քաղաքէն դուրս, եւ հնձանէն արիւն հոսեցաւ եւ բարձրացաւ մինչեւ ձիերու սանձը, շուրջ երեք հարիւր քիլոմեթր տարածութեան վրայ։ Յետոյերկինքիմէջ տեսայմեծեւզարմանալի ուրիշ նշան մը։ Եօթը հրեշտակներ տեսայ, որոնք ունէին վերջին եօթը պատուհասները, որոնցմով պիտի աւարտէր Աստուծոյ բարկութիւնը։ Տեսայ կրակով խառն ապակիէ ծովու նմանութեամբ տարածութիւն մը։ Անոնք որոնք յաղթեցին գազանին եւ անոր արձանին, անոր՝ որուն անունին գումարը թիւով գրուած էր, կեցած էին ապակեղէն ծովուն վրայ՝ Աստուծոյ տուած քնարները բռնած։ Անոնք Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսի երգը կ՚երգէին, ինչպէս նաեւ կ՚երգէին Գառնուկին երգը, ըսելով.– «Ամենակա՛լ Տէր Աստուած, մե՜ծ են գործերդ եւ սքանչելի. ո՜վ թագաւոր բոլոր ազգերու, արդար եւ ճշմարիտ են քու ճամբաներդ։ Ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ, Տէ՛ր, եւ չփառաւորէ քու սուրբ անունդ. քանի դո՛ւն միայն սուրբ ես։ Բոլոր ազգերը պիտի գան եւ երկրպագեն քեզի, որովհետեւ յայտնուեցան արդար գործերդ»։ Ասկէ ետք տեսայ որ բացուեցաւ երկինքի տաճարը, ուր կր գտնուի վկայութեան խորանը։ Եօթը հրեշտակները, որոնք եօթը պատուհասները ունէին, տաճարէն դուրս ելան՝ մաքուր ու փայլուն կտաւէ շապիկ հագած եւ իրենց կուրծքերուն ոսկեղէն գօտիներ կապած։ Չորս կենդանիներէն մէկը եօթը հրեշտակներուն եօթը ոսկեայ անօթներ տուաւ, որոնք լեցուն են յաւիտեանս յաւիտենից կենդանի եղող Աստուծոյ բարկութեամբ։ Տաճարը լեցուեցաւ Աստուծոյ փառքին եւ զօրութեան ծուխով, եւ ո՛չ ոք կրնար տաճար մտնել՝ եօթը հրեշտակներուն բերած եօթը պատուհասները չաւարտած։ Յետոյ տաճարին մէջէն զօրաւոր ձայն մը լսեցի, որ եօթը հրեշտակներուն կ՚ըսէր. «Գացէք եւ Աստուծոյ բարկութեան եօթը անօթները պարպեցէք երկրի վրայ»։ Առաջին հրեշտակը գնաց եւ իր անօթին պարունակութիւնը թափեց երկրի վրայ։ Անոնք որոնք գազանին կնիքը ունէին կամ երկրպագած էին անոր արձանին, ծածկուեցան գէշ եւ մորմոքող պալարներով։ Երկրորդ հրեշտակը իր անօթը պարպեց ծովուն վրայ. ծովուն ջուրը մեռելի մը արիւնին նման լերդացաւ եւ հոն գտնուող բոլոր ապրող արարածները սատկեցան։ Երրորդ հրեշտակը իր անօթը պարպեց գետերուն եւ ջուրի աղբիւրներուն վրայ, եւ անոնք արիւն դարձան։ Եւ լսեցի որ ջուրերուն վրայ իշխանութիւն ունեցող հրեշտակը կ՚ըսէր. «Արդար ես դուն, որ ես եւ էիր, դուն՝ Սուրբդ, քանի այսպէս դատաստան ըրիր։ Որովհետեւ անոնց՝ որոնք Աստուծոյ ընտրեալներուն եւ մարգարէներուն արիւնը թափեցին, խմել տուիր բան մը՝ որուն արժանի են»։ Յետոյ զոհասեղանէն լսեցի ձայն մը, որ կ՚ըսէր. «Այո՛, ո՜վ ամենակալ Տէր Աստուած, արդար եւ ճշմարիտ են վճիռներդ»։ Չորրորդ հրեշտակը իր անօթին պարունակութիւնը թափեց արեւուն վրայ. եւ արեւուն արտօնութիւն տրուեցաւ մարդիկը խանձելու։ Սաստիկ տաք եղաւ եւ մարդիկ այրեցան եւ հայհոյեցին Աստուծոյ, որ իշխանութիւն ունի այս պատուհասներուն վրայ. եւ սակայն չապաշխարեցին եւ փառք չտուին Աստուծոյ։ Հինգերորդ հրեշտակը իր անօթը պարպեց գազանին գահին վրայ, եւ անոր թագաւորութիւնը խաւար դարձաւ. մարդիկ ցաւէն իրենց լեզուները կը խածնէին, իրենց ցաւէն ու վէրքերուն կոտտանքէն կը հայհոյէին երկինքի Աստուծոյն եւ սակայն չապաշխարեցին իրենց գործերէն։ Վեցերորդ հրեշտակը իր անօթը պարպեց Եփրատ մեծ գետին վրայ, եւ անոր ջուրերը ցամքեցան, որպէսզի արեւելքի թագաւորներուն համար ճամբայ պատրաստուի։ Եւ տեսայ որ վիշապին բերանէն, գազանին բերանէն եւ սուտ մարգարէին բերանէն գորտերու նմանող անմաքուր երեք ոգիներ կ՚ելլէին։ Անոնք դիւային ոգիներ էին, որոնք հրաշքներ կը գործէին եւ կ՚երթային երկրի բոլոր թագաւորներուն՝ պատերազմի հաւաքելու զանոնք, ամենակալ Տիրոջ մեծ օրուան համար։ Որովհետեւ այսպէս ըսաւ Տէրը. «Ահա ես գողի պէս կու գամ։ Երանի՜ անոնց՝ որոնք արթուն կը մնան եւ իրենց հագուստները կը պահեն, որպէսզի մերկ չշրջին եւ իրենց ամօթոյքը չերեւի»։ Ապա ոգիները թագաւորները հաւաքեցին տեղ մը, որ Եբրայերէնով Արմագեդոն կը կոչուի։ Եօթներորդ հրեշտակը իր անօթին պարունակութիւնը թափեց օդին մէջ, եւ երկինքի տաճարէն ու գահէն բարձր ձայն մը եկաւ, որ կ՚ըսէր. «Եղա՛ւ»։ Եւ ահա փայլատակումներ, ձայներ ու որոտումներ եղան. եւ ա՛յնքան զօրաւոր երկրաշարժ մը՝ որուն նմանը չէր եղած երկրի վրայ մարդուն ստեղծուելէն ի վեր. այդքան զօրաւոր երկրաշարժ չէր պատահած։ Մեծ քաղաքը երեք մասի բաժնուեցաւ, եւ բոլոր երկիրներու քաղաքները կործանեցան։ Աստուած յիշեց մեծ Բաբելոնը եւ անոր տուաւ իր սաստիկ ցասումի գինիին բաժակէն, որ խմէ։ Բոլոր կղզիները կորսուեցան եւ լեռները անյայտացան մէջտեղէն։ Երկինքէն աներեւակայելի մեծութեամբ կարկուտ տեղաց մարդոց վրայ։ Եւ մարդիկ Աստուծոյ հայհոյեցին երկինքէն տեղացող այս կարկուտի պատուհասին համար, քանի ահաւոր եւ սաստիկ էր պատուհասը։ Եօթը անօթները ունեցող հրեշտակներէն մէկը ինծի եկաւ, խօսեցաւ հետս եւ ըսաւ. – Հո՛ս եկուր, եւ ես քեզի ցոյց պիտի տամ այն դատապարտութիւնը, որուն պիտի ենթարկեմ հռչակաւոր պոռնիկը, այն քաղաքը՝ որ շատ ջուրերու վրայ կը նստի։ Երկրի թագաւորները պոռնկութիւն ըրին անոր հետ եւ երկրի բնակիչները անոր պոռնկութեան գինիով գինովցան։ Հրեշտակը հոգիով վերացուց զիս ու տարաւ անապատ, ուր տեսայ կին մը, որ նստած էր կարմիր գազանի մը վրայ, որ ծածկուած էր հայհոյալից անուններով։ Գազանը, որ տեսայ, եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր։ Կինը ծիրանի եւ կարմիր հագուստ հագած էր եւ զարդարուած ոսկիով, մարգարիտներով եւ թանկագին քարերով։ Ձեռքին ունէր ոսկիէ գաւաթ մը, որ լեցուն էր գարշելի բաներով, պոռնկութեան աղտոտութիւններով։ Անոր ճակատին գրուած էր խորհրդաւոր անուն մը – «Մեծ Բաբելոն, մայր պոռնիկներու եւ երկրի գարշելիքներուն»։ Տեսայ որ այդ կինը գինովցած էր Աստուծոյ ընտրեալներուն եւ Յիսուսի վկաներուն արիւնով։ Երբ զայն տեսայ՝ շատ զարմացայ։ Հրեշտակը ինծի ըսաւ. –Ինչո՞ւ զարմացար. քեզի պիտի ըսեմ իմաստը կնոջ եւ զայն կրող գազանին, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունի։ Գազանը որ տեսար՝ կ՚ապրէր, բայց այլեւս չ՚ապրիր. անիկա անդունդէն պիտի ելլէ՝ իր կորուստին երթալու համար։ Բոլոր անոնք որ երկրի վրայ կ՚ապրին եւ որոնց անունները աշխարհի սկիզբէն ի վեր չէին գրուած կեանքի գիրքին մէջ՝ պիտի զարմանան, տեսնելով գազանը որ կ՚ապրէր, բայց այլեւս չ՚ապրիր, եւ սակայն մօտ է վերստին յայտնուելու։ Հո՛ս է ահա, որ իմաստութիւն ունեցող միտք պէտք է։ Եօթը գլուխները եօթը լեռներ են, որոնց վրայ կինը նստած է։ Անոնք միաժամանակ եօթը թագաւորներ են։ Այս եօթը թագաւորներէն հինգը ինկան, մէկը ներկայիս կ՚ապրի, իսկ միւսը տակաւին չէ եկած։ Երբ գայ, միայն կարճ ժամանակ մը պիտի իշխէ։ Եւ այն գազանը որ կ՚ապրէր, բայց այլեւս չ՚ապրիր, ութերորդ թագաւորն է, որ առաջին եօթէն մէկն է եւ որ իր կորուստին կը դիմէ։ Տասը եղջիւրները որ տեսար, տասը թագաւորներ են, որոնք տակաւին չեն թագաւորեր, բայց իշխանութիւն պիտի ստանան եւ մէկ ժամուան համար թագաւորեն գազանին հետ։ Անոնք միակամ են եւ իրենց զօրութիւնն ու իշխանութիւնը գազանին կու տան։ Անոնք Գառնուկին դէմ պիտի պատերազմին, բայց Գառնուկը պիտի յաղթէ անոնց, որովհետեւ ի՛նքն է տէրերուն Տէրը եւ թագաւորներուն Թագաւորը. իր կողքին պատերազմողները կանչուածներն են, ընտրեալները եւ հաւատարիմները։ Հրեշտակը նաեւ ինծի ըսաւ. –Այս ջուրերը որ կը տեսնես եւ ուր պոռնիկը կը նստի՝ ժողովուրդներն են, բազմութիւնները, ազգերն ու լեզուները։ Եւ գազանին տասը եղջիւրները որ տեսար՝ անոնք պիտի ատեն պոռնիկը, պիտի ամայացնեն զայն ու մերկացնեն, պիտի ուտեն անոր միսերը եւ մնացորդը այրեն կրակով։ Որովհետեւ Աստուած անոնց միտքին մէջ դրաւ՝ որ անոր կամքը կատարեն, այսինքն՝ միակամ ըլլան եւ գազանին տան իրենց թագաւորութիւնը, մինչեւ որ Աստուծոյ խօսքերը իրականանան։ Եւ այն կինը որ տեսար՝ մեծ քաղաքն է, որ երկրի թագաւորներուն վրայ կը թագաւորէ։ Ասկէ ետք տեսայ ուրիշ հրեշտակ մը, որ երկինքէն կ՚իջնէր. անիկա մեծ իշխանութիւն ունէր, եւ իր փառքէն երկիրը լուսաւորուեցաւ։ Հրեշտակը հզօր ձայնով աղաղակեց.– «Ինկա՛ւ, ինկա՜ւ մեծ Բաբելոնը, եւ բնակավայր եղաւ դեւերու եւ արգելարան՝ ամէն տեսակի պիղծ ոգիներու. բանտ եղաւ բոլոր անմաքուր թռչուններուն եւ անմաքուր ու ատելի գազաններուն։ Որովհետեւ բոլոր ազգերը անոր պոռնկութեան բարկ գինիէն արբեցան եւ երկրի թագաւորները անոր հետ պոռնկութիւն ըրին. այս աշխարհի վաճառականները անոր անչափ զեղխութենէն անհամեմատ հարստացան»։ Ապա երկինքէն ուրիշ ձայն մը լսեցի, որ կ՚ըսէր.– «Դո՛ւրս ելէք այդ քաղաքէն, ո՜վ իմ ժողովուրդս, որպէսզի չըլլայ թէ մասնակից ըլլաք անոր մեղքերուն, որպէսզի չըլլայ թէ դուք ալ ընդունիք անոր պատիժը։ Որովհետեւ անոր մեղքերը մինչեւ երկինք դիզուեցան. Աստուած յիշեց անոր ամբարիշտ գործերը։ Արդ, դուք ալ Բաբելոնին հատուցէք այնպէս՝ ինչպէս ինք վարուեցաւ ձեզի հետ, կրկնապատիկը տալով անոր՝ իր գործերուն փոխարէն։ Այն բաժակը որ պատրաստեց ձեզի համար՝ լեցուցէ՛ք զայն կրկնապատիկ սաստկութեամբ։ Այնքան՝ որքան ինքզինք փառաւորեց եւ զեղխութեամբ ապրեցաւ՝ նոյնքան իրեն սուգ ու տանջանք հատուցէք, քանի կ՚ըսէր ինքնիրեն.– “Միշտ թագուհի պիտի մնամ, ես այրի չեմ եւ սուգ բնաւ պիտի չտեսնեմ”։ Այս պատճառով՝ մէկ օրուան մէջ անոր վրայ պատուհասներ պիտի գան, ե՛ւ մահ ե՛ւ սուգ ե՛ւ սով, ու պիտի հրկիզուի կրակով, որովհետեւ հզօր է Տէր Աստուածը, որ զայն կը դատէ»։ Աշխարհի թագաւորները, որոնք անոր հետ պոռնկութիւն ըրին ու զուարճացան, պիտի ողբան, լաց ու կոծ ընեն, երբ տեսնեն անոր հրկիզման ծուխը։ Անոր տանջանքին վախէն հեռու պիտի կանգնին եւ ըսեն.– «Վա՜յ, վա՜յ քեզի, մե՛ծ քաղաք, դո՛ւն, Բաբելո՛ն, հզօ՛ր քաղաք, մէկ ժամուան մէջ եկաւ հասաւ դատաստանդ։ Աշխարհի վաճառականներն ալ պիտի ողբան ու սգան քու վրադ, որովհետեւ ալ ո՛չ ոք պիտի գնէ անոնց ապրանքը.– ոսկին, արծաթը, թանկագին քարերն ու մարգարիտները, բեհեզն ու ծիրանին, ոսկեթել կերպասը եւ կամ որդան կարմիրը, ամէն տեսակի խնկաբոյր փայտեր եւ փղոսկրեայ անօթ, ազնիւ փայտէ ամաններ, ինչպէս նաեւ պղնձեայ ու երկաթեայ, եւ մարմարեայ անօթներ։ Ասկէ ետք ո՛չ ոք պիտի գնէ կինամոն, համեմ, խունկ, անուշահոտ, կնդրուկ, գինի եւ ձէթ, նաշիհ, ցորեն, արջառ ու ոչխար, ձի եւ ձիակառք, գերիներ եւ նոյնիսկ մարդիկ։ Այո՛, ինչ որ ցանկացիր դուն քեզի համար՝ հեռացաւ քեզմէ. քու վայելչութիւնդ եւ փայլքդ չքացան, այլեւս պիտի չգտնե՛ս կրկին»։ Բոլոր վաճառականներն ալ, որոնք անոր միջոցաւ հարստացան, անկէ հեռու պիտի մնան՝ վախնալով անոր տանջանքներէն, եւ լալով ու սգալով պիտի ըսեն.– «Վա՜յ, վա՜յ, մեծ քաղաք, որ կը հագնէիր բեհեզ, ծիրանի եւ որդան կարմիր, կը զարդարուէիր ոսկիով, անգին ակերով ու մարգարիտով, մէկ ժամուան մէջ այդքան հարստութիւնդ փճացաւ»։ Բոլոր նաւավարները եւ բոլոր անոնք, որոնք կը նաւարկեն տեղէ տեղ, նաւաստիներ եւ ձկնորսներ, հեռուները կանգնեցան եւ տեսնելով հրկիզումի քու ծուխդ՝ կ՚աղաղակէին.– «Այս մեծ քաղաքին նման ուրիշ քաղաք կա՞ր»։ Հող ցանեցին իրենց գլխուն եւ լալով ու սգալով՝ բարձրաձայն կ՚աղաղակէին.– «Վա՜յ, վա՜յ, մե՛ծ քաղաք, որուն ճոխութենէն հարստացան բոլոր նաւ ունեցողները. ա՜խ, ի՞նչպէս կործանեցար դուն մէկ ժամուան մէջ։ Ուրախացի՛ր անոր դատապարտութեան վրայ, ո՜վ երկինք, եւ դուք՝ սուրբեր, առաքեալներ, մարգարէներ, որովհետեւ Աստուած դատապարտեց զայն եւ ձեր վրէժը անկէ լուծեց»։ Ապա հզօր հրեշտակ մը մեծ երկանաքարի մը չափ քար մը առաւ եւ ծով նետելով, ըսաւ.– «Այս նոյն ուժգնութեամբ պիտի իյնայ Բաբելոնը, մեծ քաղաքը, եւ յաւէտ պիտի կորսուի։ Պիտի լռեն բոլորը՝ քնարահարներ ու երաժիշտներ, սրնգահարներ եւ փողահարներ. ա՛լ ոեւէ արհեստ ի գործ դնող արհեստաւոր պիտի չգտնուի քու մէջդ. երկանաքարին ձայնը պիտի չլսուի քու մէջդ. ճրագին լոյսը ա՛լ պիտի չփայլի քու մէջդ, փեսային ու հարսին ձայնը պիտի լռէ քու մէջդ, որովհետեւ վաճառականներդ աշխարհի հզօրներն էին, որովհետեւ բոլորն ալ, ամէն ազգեր, քու թունաւոր կախարդանքէդ մոլորեցան։ Ասոնք բոլորը պատահեցան, քանի Աստուած մէջդ գտաւ մարգարէներուն եւ Աստուծոյ ընտրեալներուն, երկրի վրայ սպաննուած բոլոր մարդոց արիւնը»։ Յետոյ լսեցիերկինքիմէջ գտնուող հսկայբազ–մութեան մը մեծ ձայնը, որ կ՚ըսէր.– « Ալէլուիա ՜, մեր Աստուծոյն է փրկութիւնը, փառքն ու զօրութիւնը, որովհետեւ ճշմարիտ եւ արդար է իր դատաստանը։ Անիկա դատապարտեց մեծ պոռնիկը՝ իր պոռնկութեամբ աշխարհը ապականելուն համար, եւ անկէ լուծեց՝ անոր ձեռքով սպաննուած իր ծառաներուն արեան վրէժը»։ Անոնք կրկին օրհներգեցին եւ ըսին. «Ալէլուիա՜, անոր հրկիզումին ծուխը կը բարձրանայ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Քսանչորս երէցները եւ չորս կենդանիները գետին ինկան եւ երկրպագեցին Աստուծոյ, որ գահին վրայ կը նստէր, ըսելով. « Ամէն. ալէլուիա՜»։ Եւ գահէն ձայն մը եկաւ, որ կ՚ըսէր. «Օրհներգեցէ՛ք մեր Աստուածը, բոլոր անոր ծառաներդ, դուք՝ փոքրեր ու մեծեր, որ կը վախնաք իրմէ»։ Ապա լսեցի մեծ բազմութեան մը ձայնը, նման առատ ջուրերու շառաչին եւ զօրաւոր որոտումի գոռումին, որ դարձեալ կ՚ըսէր.– « Ալէլուիա ՜, որովհետեւ թագաւորեց Տէրը, մեր ամենակալ Աստուածը. ուրախանանք, ցնծանք եւ փառք տանք իրեն, որովհետեւ անոր Գառնուկին հարսանիքի ժամըհասաւ, եւ իր հարսը ինքզինք պատրաստեց. հարսին տրուեցաւ մաքուր եւ լուսափայլ բեհեզ՝ հագնելու համար»։ (Բեհեզը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ ընտրեալներուն արդարութիւնը)։ Հրեշտակը ինծի ըսաւ. –Ըսածս գրէ՛. «Երանելի են բոլոր անոնք, որոնք Գառնուկին հարսանեկան ընթրիքին հրաւիրուած են»։ Ես անոր ոտքերուն առջեւ ինկայ՝ երկրպագելու համար իրեն, բայց անիկա ըսաւ ինծի. –Զգո՜յշ, մի՛ երկրպագեր ինծի, որովհետեւ ես ալ ծառայակից եմ քեզի եւ եղբայրներուդ, որոնք Յիսուսի համար վկայութիւն կու տան։ Միայն Աստուծոյ երկրպագէ։ Որովհետեւ Յիսուսի մասին վկայելն է բուն մարգարէութեան հոգին։ Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ եւ տեսայ ճերմակ ձի մը, որուն վրայ նստող ձիաւորը կը կոչուի Հաւատարիմ եւ Ճշմարիտ. անիկա արդարութեամբ կը դատէ եւ կը պատերազմի։ Անոր աչքերը կրակի բոցի պէս էին եւ գլխուն ունէր բազմաթիւ թագեր եւ իր վրայ գրուած ունէր անուն մը, որ իրմէ զատ ո՛չ ոք գիտէ։ Հագած էր պատմուճան մը, որ արիւնով ներկուած էր. իր անունն է՝ «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ»։ Երկինքի զօրքերը ճերմակ ձիերով իրեն կը հետեւէին՝ սպիտակ եւ մաքուր բեհեզներ հագած։ Իր բերանէն սրուած սուր մը կ՚ելլէր՝ անով հարուածելու համար ազգերը։ Անիկա երկաթէ մականով պիտի հովուէ զանոնք եւ կոխէ ամենակալ Աստուծոյ ահեղ բարկութեան գինիի հնձանը։ Անոր պատմուճանին եւ ազդրին վրայ գրուած անուն մը կար «ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵՒՏԷՐԵՐՈՒՏԷՐ»։ Յետոյ արեւուն վրայ կանգնած ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ բարձրաձայն աղաղակեց երկինքի մէջ թեւածող բոլոր թռչուններուն, ըսելով. «Եկէ՛ք, հաւաքուեցէ՛ք Աստուծոյ մեծ ընթրիքին համար, որպէսզի ուտէք թագաւորներու, զօրավարներու, հզօր մարդոց, ձիերուն եւ անոնց հեծեալներուն մարմինները, ազատներուն եւ ծառաներուն, մեծերուն ու փոքրերուն մարմինները»։ Յետոյ տեսայ որ գազանը եւ երկրի թագաւորներն ու անոնց զօրքերը հաւաքուեցան, պատերազմելու համար ճերմակ ձիուն վրայ նստող հեծեալին եւ անոր զօրքին դէմ։ Գազանը բռնուեցաւ, ինչպէս նաեւ իրեն հետ եղող սուտ մարգարէն, որ հրաշքներ կը գործէր անոր ներկայութեան եւ այդ հրաշքներով կը մոլորեցնէր անոնք՝ որ գազանին կնիքը առած էին իրենց վրայ եւ անոր արձանին կ՚երկրպագէին։ Ապա գազանն ու սուտ մարգարէն ողջ–ողջ ձգուեցան կրակէ լիճին մէջ, որ կը բոցավառէր ծծումբով։ Իսկ գազանին զօրքերը սպաննուեցան ձիուն վրայ հեծեալին սուրով, որ կ՚ելլէր անոր բերանէն։ Եւ ամբողջ թռչունները անոնց մարմինները ուտելէն կշտացան։ Եւ տեսայ ուրիշ հրեշտակ մը, որ երկինքէն կ՚իջ–նէր եւ ձեռքին ունէր անդունդի բանալին եւ մեծ շղթայ մը։ Անիկա բռնեց վիշապը, այն առաջին օձը, որ Բանսարկուն եւ Սատանան է, եւ հազար տարուան համար շղթայեց զայն։ Հրեշտակը զայն անդունդ նետեց, կղպեց եւ կնքեց կղպանքը, այնպէս որ այլեւս չմոլորեցնէ ազգերը, մինչեւ լրանայ հազար տարին։ Անկէ ետք կարճ ժամանակուան մը համար պէտք է ազատ արձակուի։ Յետոյ տեսայ գահեր, որոնց վրայ նստան անոնք՝ որոնց իշխանութիւն տրուեցաւ դատելու։ Տեսայ նաեւ այն հոգիները, որոնք Յիսուսի եւ Աստուծոյ խօսքին իրենց տուած վկայութեան համար չարաչար գլխատուած էին։ Ասոնք չէին երկրպագած գազանին եւ անոր կնիքը չէին դրոշմած իրենց ճակատներուն եւ ձեռքերուն վրայ։ Անոնք վերակենդանացան եւ Քրիստոսի հետ հազար տարի թագաւորեցին։ Մնացեալ մեռելներէն ո՛չ ոք կենդանացաւ, մինչեւ լրացաւ հազար տարին։ Ասիկա մեռելներու առաջին յարութիւնն է։ Երանելի եւ սուրբ են անոնք, որոնք բաժնեկից են մեռելներու առաջին յարութեան։ Երկրորդ մահը ասոնց վրայ իշխանութիւն չունի. ասոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսի քահանաները պիտի ըլլան եւ Քրիստոսի հետ հազար տարի թագաւորեն։ Երբ հազար տարին լրանայ, Սատանան ազատ պիտի արձակուի բանտէն։ Անիկա պիտի ելլէ ու մոլորեցնէ երկրի չորս կողմը գտնուող բոլոր ազգերը, Գոգն ու Մագոգը, եւ զանոնք պիտի հաւաքէ պատերազմելու համար. անոնց թիւը ծովու աւազին չափ անհամար է։ Անոնք ամբողջ երկրի վրայ տարածուեցան եւ շրջապատեցին Աստուծոյ ընտրեալներուն բանակավայրը եւ սիրելի քաղաքը։ Սակայն երկինքէն, Աստուծմէ կրակ տեղաց եւ լափեց զանոնք։ Իսկ Բանսարկուն, որ զանոնք մոլորեցուց, կրակի եւ ծծումբի լիճը ձգուեցաւ, ուր գազանը եւ սուտ մարգարէն արդէն ձգուած էին. այնտեղ պիտի չարչարուին գիշեր ու ցերեկ, յաւիտեանս յաւիտենից։ Յետոյ տեսայ ճերմակ մեծ գահ մը եւ անոր վրայ բազմած մէկը, որուն ներկայութենէն փախան երկինքն ու երկիրը՝ առանց հետք մը ձգելու։ Եւ տեսայ մեռելները՝ մեծ ու փոքր, որոնք գահին դիմաց կանգնած էին։ Գիրքերը բացուեցան եւ ապա բացուեցաւ ուրիշ գիրք մը — Կեանքի գիրքը։ Մեռելները դատուեցան իրենց գործերուն համաձայն, որոնք արձանագրուած էին անոնց մէջ։ Ապա ծովը յանձնեց իր մէջ գտնուող մեռելները. նոյնը ըրին մահն ու դժոխքը, եւ իւրաքանչիւր մեռեալ դատուեցաւ իր գործերուն համաձայն։ Յետոյ մահն ու դժոխքը կրակի լիճը ձգուեցան։ Այս է երկրորդ մահը, որ կրակի լիճն է։ Եւ ան՝ որուն անունը չկար Կեանքի գիրքին մէջ՝ կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ։ Ապատեսայնորերկինքմըեւնորերկիրմը, որովհետեւ նախկին երկինքն ու երկիրը անհետացան եւ ա՛լծով չկար։ Եւ տեսայ սուրբ քաղաքը՝ Նոր Երուսաղէմը, որ Աստուծոյ մօտէն, երկինքէն կ՚իջնէր՝ զարդարուած ու պատրաստ, ինչպէս հարսը՝ ամուսինին համար։ Երկինքէն ձայն մը լսեցի, որ կ՚ըսէր. «Ահաւասիկ Աստուծոյ բնակութիւնը մարդոց միջեւ է. Աստուած անոնց հետ պիտի բնակի եւ անոնք իր ժողովուրդը պիտի ըլլան, եւ ինքը՝ Աստուած՝ անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը։ Անոնց աչքերէն ամէն արցունք պիտի սրբէ. այլեւս ո՛չ մահ գոյութիւն պիտի ունենայ, ո՛չ սուգ, ո՛չ ողբ, ո՛չ ցաւ եւ ո՛չ ալ յոգնութիւն, որովհետեւ նախկինները անցան գացին»։ Ան՝ որ գահին վրայ նստած էր, ըսաւ. –Ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ։ Ապա ըսաւ ինծի. –Գրէ՛ ասոնք, որովհետեւ ճշմարիտ եւ վստահելի խօսքեր են։ Եւ ըսաւ. –Եղաւ. ես եմ Այբը եւ Ֆէն, Սկիզբն ու Վախճանը։ Ես ծարաւին կեանքի ջուրի աղբիւրէն ձրի ջուր պիտի տամ։ Ով որ յաղթանակէ՝ այս բոլորը պիտի ժառանգէ եւ ես անոր Աստուածը պիտի ըլլամ եւ ինք՝իմ որդիս։ Բայց վախկոտներուն, անհաւատներուն, պիղծերուն, մարդասպաններուն, պոռնիկներուն, կախարդներուն, կռապաշտներուն եւ բոլոր ստախօսներուն բաժինը՝ կրակով եւ ծծումբով այրող լիճն է, որ երկրորդ մահն է։ Ապա քովս եկաւ մէկը այն եօթը հրեշտակներէն, որոնք վերջին եօթը պատուհասներով լեցուն եօթը անօթները ունէին, եւ հետս խօսելով՝ ըսաւ ինծի. –Եկո՛ւր, քեզի ցոյց պիտի տամ հարսը՝ Գառնուկին կինը։ Անիկա հոգիով զիս վերացուց եւ առաւ տարաւ բարձր եւ հսկայ լերան մը վրայ ու ցոյց տուաւ սուրբ քաղաքը՝ Երուսաղէմը, որ երկինքէն, Աստուծոյ մօտէն կ՚իջնէր։ Անիկա Աստուծոյ փառքով կը փայլէր եւ անոր փայլքը կը նմանէր շատ թանկագին քարի մը փայլքին, ինչպէս յասպիս քարը, բիւրեղի պէս թափանցիկ։ Քաղաքը մեծ ու բարձր պարիսպ մը ունէր՝ տասներկու դռներով, որոնց վրայ կային տասներկու հրեշտակներ։ Դռներէն իւրաքանչիւրին վրայ գրուած էր Իսրայէլի տասներկու ցեղերէն իւրաքանչիւրին անունը։ Արեւելքէն երեք դռներ կային, հիւսիսէն՝ երեք, հարաւէն՝ երեք եւ արեւմուտքէն՝ երեք։ Քաղաքին պարիսպը տասներկու հիմեր ունէր եւ անոնց վրայ գրուած էին Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն անունները։ Ան որ ինծի հետ կը խօսէր՝ ձեռքին ունէր ոսկեայ եղէգ մը իբրեւ քանակ, չափելու համար քաղաքը, անոր դռներն ու պարիսպը։ Քաղաքը քառակուսի էր, հաւասար երկայնութեամբ եւ լայնութեամբ։ Հրեշտակը եղէգով չափեց քաղաքը, որ երկու հազար երկու հարիւր քիլոմեթր էր։ Անոր երկայնքը եւ լայնքն ու բարձրութիւնը հաւասար էին։ Հրեշտակը չափեց նաեւ պարիսպը, որուն բարձրութիւնը վաթսունհինգ մեթր էր։ Հրեշտակին գործածած չափը մարդոց գործածած չափն էր։ Պարիսպը շինուած էր յասպիս քարէ, իսկ քաղաքը զուտ ոսկի էր, մաքուր եւ յստակ ապակիի պէս։ Քաղաքին պարիսպի հիմերը բոլոր տեսակի թանկագին քարերով զարդարուած էին։ Առաջին հիմը յասպիս էր, երկրորդը՝ շափիւղայ, երրորդը՝ կարկեհան, չորրորդը՝ զմրուխտ, հինգերորդը՝ եղնգաքար, վեցերորդը՝ սարդիոն, եօթներորդը՝ ոսկեքար, ութերորդը՝ բիւրեղ, իններորդը՝ տպազիոն, տասներորդը՝ քրիսոպրասոս, տասնըմէկերորդը՝ յակինթ եւ տասներկուերորդը՝ մեղեսիկ։ Տասներկու դռները տասներկու մարգարիտներով շինուած էին, իւրաքանչիւր դուռը՝ մէկ կտոր մարգարիտով, եւ քաղաքին հրապարակը զուտ ոսկի էր՝ թափանցիկ ապակիի պէս։ Քաղաքին մէջ տաճար չտեսայ, որովհետեւ ամենակալ Տէր Աստուածը եւ Գառնուկը իրե՛նք էին տաճարը։ Քաղաքը լուսաւորուելու համար պէտք չունէր արեւու եւ լուսինի, որովհետեւ Աստուծոյ փառքը ի՛նք կը լուսաւորէր զայն, եւ անոր ճրագը Գառնուկն էր։ Ժողովուրդները անոր լոյսով պիտի առաջնորդուին եւ երկրի թագաւորները իրենց փառքը անոր պիտի բերեն։ Քաղաքին դռները բնաւ պիտի չգոցուին, որովհետեւ հոն գիշեր պիտի չըլլայ։ Ազգերու փառքն ու պատիւը իրեն պիտի բերուի. հոն պիտի չմտնէ ոեւէ պիղծ բան, ո՛չ ալ պղծութիւն գործող կամ ստախօս մարդ, այլ միայն անոնք՝ որոնց անունները գրուած են Գառնուկին Կեանքի գիրքին մէջ։ Հրեշտակը ինծիցոյցտուաւկենսատու ջուրին բիւրեղի պէս փայլուն գետը, որ Աստուծոյ եւ Գառնուկին գահէն կը բղխէր։ Քաղաքին հրապարակին մէջտեղը եւ գետին այս ու այն կողմը կար կեանքի ծառը որ տարին տասներկու անգամ պտուղ կու տար, ամէն ամիս՝ իր պտուղը, իսկ տերեւները կը ծառայէին ազգերուն բժշկութիւն տալու։ Քաղաքին մէջ նզովեալ բան գոյութիւն պիտի չունենայ. Աստուծոյ եւ Գառնուկին գահը այնտեղ պիտի ըլլայ եւ անոր ծառաները զայն պիտի պաշտեն։ Անոնք իր դէմքը պիտի տեսնեն եւ իր անունը անոնց ճակատներուն վրայ պիտի գրուի։ Այնտեղ այլեւս գիշեր պիտի չըլլայ, եւ ա՛լ պէտք պիտի չունենան ճրագի եւ արեւու լոյսի, որովհետեւ Տէր Աստուած ինք պիտի լուսաւորէ զանոնք. անոնք պիտի թագաւորեն յաւիտեանս յաւիտենից։ Հրեշտակը ըսաւ ինծի. –Ըսած խօսքերս վստահելի եւ ճշմարիտ են։ Տէրը՝ մարգարէներուն հոգիներուն Աստուածը, իր հրեշտակը ղրկեց՝ որպէսզի իր ծառաներուն ցոյց տայ այն՝ ինչ որ շուտով պիտի պատահի։ Ահա շուտով կու գամ։ Երանի՜ անոր որ կը պահէ այս գիրքին մարգարէութեան խօսքերը։ Ես, Յովհաննէս, անձամբ լսեցի եւ տեսայ այս բոլորը. եւ երբ լսեցի ուտեսայ՝ գետին ինկայ հրեշտակին ոտքերուն առջեւ՝ երկրպագելու համար անոր, որ ինծի այս բոլորը ցոյց կու տար։ Բայց անիկա ըսաւ ինծի. –Զգո՜յշ, մի՛ ըներ, որովհետեւ ես ալ ծառայակից եմ քեզի եւ եղբայրներուդ, այսինքն՝մարգարէներուն եւ անոնց՝ որոնք այս գիրքին պատգամները կը պահեն։ Աստուծո՛յ երկրպագէ։ Ապա շարունակեց. –Այս գիրքին մարգարէութեան խօսքերը կնքուած մի՛ պահեր, որովհետեւ ժամանակը մօտեցած է։ Ամբարիշտը կրկին թող իր ամբարշտութիւնը ընէ, գէշ մարդը՝ իր գէշութիւնը, ով որ արդար է՝ թող արդարութիւն ընէ, եւ սուրբը՝ իր սրբութիւնը պահէ։ Ահա շուտով կու գամ եւ վարձատրութիւնս հետս պիտի բերեմ՝ իւրաքանչիւրին իր գործերուն համաձայն հատուցանելու համար։ Ես եմ Այբը եւ Ֆէն, Առաջինը եւ Վերջինը, Սկիզբն ու Վախճանը։ Երանելի են անոնք՝ որոնք անոր պատուիրանները կը պահեն։ Անոնք իրաւունք պիտի ունենան ուտելու կեանքի ծառէն եւ դռներէն քաղաք մտնելու։ Իսկ դուրս պիտի մնան շնացողներն ու կախարդները, պոռնիկներն ու մարդասպանները, կռապաշտները եւ բոլոր անոնք՝ որոնք սուտը կը սիրեն եւ կ՚ընեն։ Ես, Յիսուս, իմ հրեշտակս ղրկեցի՝ որպէսզի այս վկայութիւնը տայ ձեզի եկեղեցիներուն մասին։ Ես Դաւիթի արմատը եւ անոր սերունդն եմ. առաւօտեան պայծառ աստղը։ Եւ Հոգին ու Հարսը կ՚ըսեն.– Եկո՛ւր։ Ով որ կը լսէ՝ թող ըսէ.– Եկո՛ւր։ Ով որ ծարաւ է՝ թող գայ, եւ ով որ կ՚ուզէ՝ թող ձրիաբար առնէ կեանքի ջուրէն։ Եւ ես, Յովհաննէս, կ՚ազդարարեմ բոլոր անոնց՝ որոնք այս գիրքին մարգարէութեան խօսքերը կը լսեն։ Եթէ ոեւէ մէկը բան մը աւելցնէ ասոր վրայ, Աստուած անոր տրուելիք պատիժին վրայ պիտի աւելցնէ այս գիրքին մէջ նկարագրուած պատուհասները։ Եւ եթէ ոեւէ մէկը բան մը պակսեցնէ այս գիրքին մարգարէութեան խօսքերէն, Աստուած ալ այս գիրքին մէջ նկարագրուած Կեանքի ծառէն եւ Սուրբ Քաղաքէն իր բաժինը պիտի նուազեցնէ։ Այս բոլորին մասին վկայողը կ՚ըսէ. «Այո՛, շուտով կու գամ»։ Ամէն ։ Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս։ Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը թող Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին վրայ ըլլայ։ Ամէն։